Quantcast
Viewing all 13529 articles
Browse latest View live

ԼՕԽ-ի Մասնաճիւղերու Ձեռնարկներ

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Banners_activities1

«Ա. Ազիրեան» (նոր Սիս)

Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հաւաքոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան  ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ  եւ շնորհակալութիւն յայտնեց  ներկաներուն, որոնք պատուեցին եւ քաջալերեցին ձեռնարկը: Ապա հրաւիրեց երետասարդ երգիչ` Յարութ Լափաճեանը, որ ճոխ երգերով ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց:

«Աղթամար» (Այնճար)

Մասնաճիւղի Ձեռարուեստի յանձնախումբը Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի նախօրեակին, կազմակերպեց կաղանդի ձեռային աշխատանքներու դասընթացք մը 2 հանգրուաններով` 25 նոյեմբեր եւ 9 դեկտեմբեր 2015-ին,դասատու ունենալով Մարալ Թնքըրեանը: Դասընթացքին մասնակցեցան 8 անձեր, որոնք ջերմ եւ ամանորեայ մթնոլորտի մը մէջ սորվեցան մոմ շինել եւ յարդարել, ինչպէս նաեւ ամաններ ու գաւաթներ զարդարել:

Մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին կազմակերպած Կաղանդի հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 11 դեկտեմբեր 2015-ին,  ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ, ներկայութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սօսի Արամեանի եւ աւելի քան 200 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Լիբանանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Ցողիկ Հաւաթեան, որ նախ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր օժանդակութեան ձեռք երկարողներուն, ըլլան անոնք հայրենակիցներ թէ ընկերուհիներ` ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը նմանցնելով ծովու մը, որուն ջուրերը երբեք չեն ցամքիր, որովհետեւ հոն թափող գետերը բազում են:

Օրուան յայտագիրը ներկայացուց Լուսիկ Քէնտիրճեան, որ յայտարարեց, թէ սոյն ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի Այնճարի 3 հայկական վարժարաններուն, իբրեւ կրթանպաստ. ապա, տեսերիզի ընկերակցութեամբ ներկայացուց Կաղանդը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Խանդավառ եւ տօնական մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով հրաւիրուած էր երգչուհի Շաքէ Պաղտասարեան, որ իր գրաւիչ ձայնով եւ խանդավառ երգերով հաւաքոյթին ուրախ մթնոլորտը հասցուց գագաթնակէտին:

Մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբը կազմակերպեց ճաշկերոյթ մը, ուրբաթ, 18 դեկտեմբեր 2015-ին, ճաշարան «Շալլալաթ»-ի մէջ, բարերարութեամբ` տէր եւ տիկ. Մարկոս եւ Ծովիկ Սնապեաններու, ի յիշատակ իրենց ծնողաց Սնապի եւ Լուսինի: Յանձնախումբի ատենապետ Քնար Գամպէրեանի բացման խօսքէն ետք օրուան սեղանապետ Մատլեն Խօշեան ստանձնեց յայտագիրի իրագործումը: Խօսք առաւ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետը Ցողիկ Հաւաթեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախորդ տարիներու բարերարներուն: Բարձր գնահատեց օրուան բարերար ամոլի նուիրատուութիւնը եւ պատուեց զիրենք յիշատակի նուէրով մը: Ապա խօսք առին պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան, քոյր Թէոպիստէ Պետրոսեան եւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան: Բոլորն ալ դրուատեցին միութեան եւ բարերարին կատարած աստուածահաճոյ գործը: Ձեռնարկը ճոխացուցին երգիչ Յովիկ Թաֆրանեան` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Յովիկ Ատուրեանի:

Մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբը, շաբաթ, 19 դեկտեմբեր 2015-ին նորակառոյց «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահին մէջ կազմակերպեց հաւաքոյթ մը դարմանատան մէջ կամաւորաբար ծառայող բժիշկներուն եւ անոնց ընտանիքներուն: Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Ցողիկ Հաւաթեանը, որ մեծապէս գնահատեց բժիշկներուն կամաւոր ծառայութիւնը: Ապա դարմանատան յանձնախումբի խօսքը փոխանցեց Մատլեն Հաւաթեան:

Բժիշկները պահ մը մոռնալով իրենց  հիւանդները, յանձնախումբին եւ վարչութեան հետ վայելեցին տօնական պահեր, ընթրիքի սեղանի մը շուրջ: Անոնք դրուատիքով անդրադարձան կատարուած հիւրընկալութեան եւ հիւրասիրութեան` խոստանալով շարունակել իրենց մարդասիրական կամաւոր գործը:

«Այծեմնիկ» (Թրիփոլի)

Մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած   ձեռնարկը տեղի ունեցաւ կիրակի, 29 նոյեմբեր 2015-ին, «Նաւասարդ» ակումբին մէջ: Ձեռնարկի նախագահութիւնը ստանձնած էին տէր եւ տիկին Հայկ Վարդապետեանները, ի պատիւ եւ առ ի գնահատանք իրենց մօր Սօսի Սաւուլեանի: Ներկայ էին շրջանի պատկան մարմինի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ` Սիլվա Գարակէօզեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, խաչուհիներ եւ հոծ բազմութիւն մը:

Վարչութեան ատենապետ Էլիզ Շաթոյեան բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց` ըսելով, որ «Այծեմնիկ» մասնաճիւղը տասնամեակներէ ի վեր գոյատեւած եւ եղած է շրջանի հայապահպանման փարոսներէն մէկը, շնորհիւ մասնաճիւղի ազգանուէր եւ օրինակելի ԼՕԽ-ականներու, որոնցմէ մին է Սօսի Սաւուլեանը (այժմ կիպրոսաբնակ): Վարչութիւնը, Ս. Սաւուլեանի բացակայութեան յուշանուէր մը յանձնեց տէր եւ տիկին Հայկ Վարդապետեաններուն: Ապա քահանայ հայրը փոխանցեց իր օրհնութիւնը: Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին տէր եւ տիկին Սեդօ եւ Շաքէ Պաղտասարները, որոնք ճոխ երգերով եւ պարեղանակներով խանդավառեցին մթնոլորտը:

«Սեւան» (Ժունիէ)

Մասնաճիւղի վարչութիւնը հինգշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2015-ին Ժիւնիի ՀՄԸՄ-ի ակումբի «Ժան Ապաճեան» սրահին մէջ, համախմբած էր շուրջ 85 ԼՕԽ-ականներ, համակիրներ, եւ հիւրեր: Ձեռնարկին ներկայէին նաեւ  Շրջանային վարչութենէն անդամներ:

Վարչութեան ատենապետ Սեդա Սաաթճեան բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք կը քաջալերեն միութեան աշխատանքը: Ապա ներկայացուց օրուան դասախօսը` տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը, որուն դասախօսութեան նիւթն էր «Մեր զաւակներուն սպառնացող վտանգները»:

Դասախօութիւնը մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրուեցաւ եւ գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ. աւարտին ան ներկաներուն բաժնեց ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբին պատրաստած «Զաւկիդ համար» խորագիրով թերթիկներ: Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցան Շանթ Պաղտասարեան եւ երիտասարդ երգիչ Նժդեհ Պոտրումեան, որ գաւառական, ժողովրդային ու սիրային երգերով ծիծաղելի մանրավէպեր պատմելով խանդավառեց եւ բարձր պահեց ներկաներուն տրամադրութիւնը:

«Արազ» (Պաուշրիէ)

Մասնաճիւղի Կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին Ժըմմէյզիի «Կրիք Թավերնա» ճաշարանին մէջ: Մասնաճիւղի ատենապետ Լենա Արամ բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Ազատուհի Սարգիսեանին, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն ու բոլոր ներկաներուն, ապա հակիրճ տողերու մէջ անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի կամաւոր ու բարեսիրական աշխատանքին, ինչպէս նաեւ հայ կնոջ օրինակելի դաստիարակութեան ու ծառայական սուրբ առաքելութեան փոխանցման` սերունդէ-սերունդ :

Օրուան երիտասարդ երգիչը` Կարոն, ջերմացուց մթնոլորտը հայկական ազգային եւ յեղափոխական երգերով, որոնք ընկալուեցան ներկաներու յոտնկայս երկար ծափողջոյններով:

«Ջաւօ Շանթ» (Տըքուենի)

Մասնաճիւղի վարչութիւնը նախաձեռնած էր ընկերային հանդիպում մը, հինգշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2015-ին, վարչութեան ժողովասրահին մէջ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ  Այտա Խուստէքեանը, քոյր մասնաճիւղերու անդամներ, համակիրներ եւ հիւրեր: Վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ժագլին Ագլեան` լուսարձակի տակ առնելով ԼՕԽ-ի բարեսիրական գործունէութիւնը եւ ձեռնարկներու կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի հասոյթը տրամադրուի կարիքաւորի, հիւանդի, ծերունիի կամ աշակերտի մը:

«Գայեանէ» (Պէյթ Գօգօ)

Հինգշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2015-ին, Անթիլիասի «Մեզոն Էմ.» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի տարեկան աւանդական ձեռնարկը, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ  Մարօ Սալխանեանի, կազմակերպչական յանձնախումբին երկայացուցիչ Սօսի Տէմիրճեանի, քոյր մասնաճիւղերու ու միութիւններու ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ մասնաճիւղին նեցուկ կանգնող բարեկամուհիներու: Վարչութեան ատենապետ Սօսի Մանուէլեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց նուիրատուներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չխնայեցին սոյն ձեռնարկի իրագործման եւ յաջողութեան համար: Անոր կողմէ  ասացուածքներով ու առածներով մէջբերումները աւելի հմայք տուին ձեռնարկին եւ ներկաներուն պարգեւեցին դաստիարակիչ ու հոգեթով պահեր:

Մթնոլորտը ճոխացուց  Լիւսի Չամսարեան` նուագելով հայկականի կողքին այլազան մեղեդիներ: Տեղի ունեցաւ զարգացման մրցում խաղ մը, որ առաւել եւս խանդավառեց մթնոլորտը:

«Աստղիկ» (Մար Մըխայէլ)

Մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց ամանորի հանդիպում մը, որ տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 8 դեկտեմբեր 2015-ին, «Կրիք Թավերնա» ճաշարանին մէջ: Ներկայ էր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Ազատուհի Սարգիսեանը, ինչպէս նաեւ շուրջ 70 ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ բարեկամներ:

Վարչութեան ատենապետ Արփի Մինասեան-Կոստանեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորեց անոնց Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումներուն, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 80- ամեակին: Մաղթեց նաեւ, որ 2016 տարին խաղաղութիւն բերէ աշխարհին, ի մասնաւորի Սուրիոյ եւ հայրենիքի սահմանամերձ շրջաններուն: Գնահատեց ներկաները, որոնք միշտ զօրավիգ կը կանգնին վարչութեան, ուժ կորով ներշնչելով ԼՕԽ-ի աշխատանքներուն:

Մթնոլորտը խանդավառեցին երգիչներ Կարօ Կէօքէօզեան եւ Պերճ Թաթարեան` ժողովրդային եւ ազգային երգերով:

«Ռուբինա» (Նորաշէն)

«Հայ ժողովուրդը սովորութիւն ունի Կաղանդը տօնելու եւ Նոր տարին դիմաւորելու ընտանեկան յարկերու տակ` ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: Մենք ալ հիմա հաւաքուած ենք հոս, մեր տան մէջ, ԼՕԽ-ի հարազատ ընտանիքի տան մէջ, վայելելու ամանորեան ուրախութիւնը` նախընտրելով մեր ակումբի սրահը, քան այլոց ճաշարանները»:

Այս գեղեցիկ եւ պատշաճ խօսքերով մասնաճիւղի ատենապետ Արշօ Մկրտիչեան բացումը կատարեց Ամանորի հաւաքոյթին` կազմակերպուած մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, որ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 10 դեկտեմբեր 2015-ին: Ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սանդուխտ Հերկելեան, «Ռուբէն» կոմիտէի ներկայացուցիչ  Մարալ Պաղտասարեան, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ ընկերուհիներ: Ապա հիւր երգիչը Պերճ Թաթարեանը գաւառական եւ ազգայնաշունչ երգերով բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց սրահին մէջ:

«Աշխէն» (Նոր Մարաշ)

Շաբաթ, 12 դեկտեմբեր 2015-ին Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ, մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր աւանդութիւն դարձած ճաշի պազարը: Սրահին սեղանները լեցուած էին մասնաճիւղի կամաւոր անդամուհիներուն պատրաստած հայկական ճաշերով, անուշեղէններով եւ ձեռային աշխատանքներով: Կաղանդ Պապուկին ժամանումը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց սրահին մէջ:

«Նայիրի» (Անթիլիաս)

Մասնաճիւղի վարչութիւնը երեքշաբթի, 15 դեկտեմբեր 2015-ին ունեցաւ ընկերային հանդիպում մը «Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրի «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Լիլիան Օրտողլեանի եւ շուրջ 45 ԼՕԽ-ականներու եւ հիւրերու: Նորակազմ վարչութեան ատենապետ Վարդուկ Գալայճեան իր բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ծանօթացուց վարչական նոր կազմը: Ապա փոխանցեց վարչութեան մշակած տարեկան ծրագիրը: Վ. Գալայճեան վարչութեան եւ մասնաճիւղի անունով բարի երթ մաղթեց մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամներէն Լալա Գազանճեանին` երկրէն մեկնելուն առիթով: Ժ. Գազանճեան յարատեւ վերելք մաղթեց ԼՕԽ-ի գործունէութեան, յատկապէս «Նայիրի» մասնաճիւղին:

«Անահիտ» (Մար Եուսէֆ)

Մասնաճիւղի վարչութիւնը Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով  կազմակերպած էր ընկերային հանդիպում տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2015-ին «Սարգիս Ներսէսեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սիլվա Գարակէօզեանի, մասնաճիւղի բարերար Արշօ Ներսէսեանի եւ ԼՕԽ-ականներու: Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Շաքէ Դարբինեան, բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորեց իւրաքանչիւրին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը:

«Կարինէ» (Ամանոս)

Մասնաճիւղի վարչութիւնը հինգշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2015-ին «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբին մէջ, կազմակերպած էր Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով ձեռնարկ մը: Ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ  Սիրուն Վարդապետեան, ԼՕԽ-ականներ, հիւրեր եւ քոյր մասնաճիւղերու ու տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ շուրջ 85 հոգի:

Մասնաճիւղի ատենապետ Յասմիկ Ճուլհաճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յոյս յայտնեց, որ 2016 տարին ըլլայ առողջութեան եւ երջանկութեան տարի մը: Վարչական Մարալ Պաղտասարեան փոխանցեց կաղանդը տօնելու ձեւերը` տարբեր երկիրներու մէջ, իսկ Նուէր Զաքարեան անդրադարձաւ հայկական աւանդութիւններուն եւ այն ճաշերուն, որոնք մինչեւ օրս կը պատրաստուին Հայաստանի մէջ:

«Հայաշէն» (Հայաշէն)

Կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան,  17 դեկտեմբեր 2015-ին, Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի առիթով տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը, Հայաշէնի «Ռոստոմ» ակումբի  «Սեդրակ Աճեմեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ` հիւրերու, ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի  ատենապետ Շաքէ Պաղտասարեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` իրենց ներկայութեան ու քաջալերանքին համար եւ մաղթեց առողջութիւն եւ երջանկութիւն, խնդրեց, որ Նոր տարուան սեմին ամէն մէկ անհատ ետդարձ ակնարկ մը կատարէ եւ մտածէ, թէ ինչ բարիք գործած է անցնող տարուան ընթացքին: Ան ընթերցեց  հայկական ամանորի աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն մասին զանազան գրութիւններ: Ապա տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

«Սօսէ» (Ժիպէյլ)

Շուրջ  65 փոքրիկներ իրենց մայրերուն ընկերակցութեամբ ժամանած էին Ժիպէյլի «Հայ կեդրոն»` ներկայ գտնուելու մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Կաղանդ Պապուկ»-ի ձեռնարկին, շաբաթ, 19 դեկտեմբեր 2015-ին:

Մասնաճիւղի ատենապետ Լուսին Պեզճեան, բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեանին, Պաթրունէն եւ Պէյրութէն ժամանած հիւրերուն, շրջանի հայ թէ օտար ներկաներուն եւ բոլոր ԼՕԽ-ականներուն:

Ապա Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը փոխանցեց ԼՕԽ-ի խօսքը: Ան շնորհաւորելէ ետք բոլորին Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը, ուրախութիւն յայտնեց, որ հեռակայ Ժիպէյլի շրջանին մէջ ԼՕԽ-ը իր ներկայութիւնը փաստած եւ կրցած է ժողովուրդին վստահութիւնն ու գուրգուրանքը վայելել:

«Շուշանիկ» (Թրատ)

Շաբաթ,19 դեկտեմբեր 2015-ին, «ՆիկոլԴուման» ակումբի «Սիմոն Եահնիեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած Ամանորի խրախճանքը մանուկներու եւ տարեցներու համար, որոնք մէկտեղուեցան նոյն սրահին մէջ:

Օրուան հաղորդավարն էր Փաթիլ Մկրտիչեան, որ իր բացման խօսքին մէջ նշեց, թէ ողջունելի նախաձեռնութիւն մըն է այս հաւաքոյթը, որուն նպատակն է ժպիտ դրոշմել տարեցներուն դէմքերուն եւ խանդ ու կորով տեսնել մանուկներուն մէջ: Ապա խօսք առաւ մասնաճիւղի ատենապետ Մարօ Ընքապապեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ներդրում ունեցան ձեռնարկի յաջողութեան:

«Հ. Սասունի» (Ֆանար)

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, շրջանի մանուկները ուրախացնելու եւ ուրախ ու հաճելի մթնոլորտ մը անցընելու նպատակով, մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 23 դեկտեմբեր 2015-ին Ֆանարի մատրան սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սիլվա Գարակէօզեանի, ԼՕԽ-ականներու եւ շուրջ 80 փոքրիկներու:

Բացման խօսքը փոխանցեց վարչութեան փոխատենապետ Ռոզին Գարաճապրայեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորեց Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը, ապա հրաւիրեց «Բարեւ փոքրիկներ» խումբը` ներկայացնելու յայտագիրը:

«Կարս» (Էշրեֆիէ)

Մասնաճիւղի որդեգրեալ ծերերը կը հաւաքուին իւրաքանչիւր ամսուան առաջին երեքշաբթի օրը, ստանալու իրենց նիւթական յատկացումը, անհրաժեշտ դեղորայքը եւ պնակ մը տաք ճաշ, շրջանի այլ կարիքաւորներու կողքին. այս ճաշը կը տրամադրուի շրջանէն բարերարի մը կողմէ:

22 դեկտեմբեր 2015-ին, տարեցները կրկին հաւաքուեցան, տօնելու ամանորը եւ բարձր տրամադրութեամբ դիմաւորելու 2016 տարին:

Սոյն ձեռնարկին ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սանդուխտ Հերկելեանը, ծերերու պատասխանատու ընկերուհին եւ մասնաճիւղի վարչութեան անդամները:

«Արագած» (Արագած)

Մասնաճիւղի աւանդութիւն դարձած տարեցներու նուիրուած Ամանորի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 26 դեկտեմբեր 2015-ի յետմիջօրէին «Արագած» ակումբի «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ: Ձեռնարկի բացման վարչութեան ատենապետ Սիլվա Բորբոսեան-Ուաննէս իր բարի գալուստի խօսքին մէջ ըսաւ. «Մենք ձեզի կը պարտինք մեր գոյութիւնը սիրելի մամիկներ եւ պապիկներ, դուք պահեցինք հայ ազգը, ձեր զաւակներով եւ թոռնիկներով… ձեզի կը մաղթենք առողջութիւն եւ երկար կեանք»: Ներկայ էին աւելի քան 150 ծերունիներ` եկած Պուրճ Համուտի եւ հեռակայ շրջաններէ: Երգիչ Պերճ Թաթարեանը, ընկերակցութեամբ ձայնի հաղորդավար Գէորգ Պաղտասարեանի, հայկական երգերով խանդավառեց մթնոլորտը:

Մասնաճիւղի վարչութիւնը Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի ուրախ առիթներով երկուշաբթի, 4 յունուար 2016-ին «Մաք Տանըլտզ» ճաշարանին մէջ կազմակերպած էր փոքրերու յատուկ ձեռնարկ մը շրջանի փոքրիկներուն համար: Ներկայ եղան շուրջ 60 փոքրիկներ, որոնք նուէրներ ստացան Կաղանդ պապային ձեռամբ:

«Մեղրի» (Արեւմտեան Պէյրութ)

Մասնաճիւղի ամանորը խորհրդանշող ձեռնարկը` «Աւանդական պազար»-ը,տեղի ունեցաւ շաբաթ, 26 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան Պէյրութի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնին մէջ:

Սեղանները ճոխ էին հայկական համեղ ճաշատեսակներով, խմորեղէններով ու  անուշեղէններով , բոլորը պատրաստուած ընկերուհիներուն ձեռամբ, որոնց աշխատանքը իսկապէս գնահատելի էր:

«Հ. Փափազեան» (Ռաուտա)

Մասնաճիւղի վարչութիւնը Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան ուրախ տօներուն առիթով կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, որ կը միտէր «Էհլան» շրջանին մէջ ապրող անկար եւ անտէր մամիկներն ու պապիկները ուրախացնել` ժպիտ մը սերմանելով անոնց դէմքերուն:

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, շրջանի ակումբին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Իսկուհի Գաբլանեանի, մասնաճիւղի վարչութեան, օժանդակ յանձնախումբին եւ շրջանէն ծերունիներու:

Օրուան ճաշի ծախսերը ստանձնած էր շրջանէն բարերարուհի մը` իր ծնողներուն յիշատակին:

Մասնաճիւղի ատենապետ Անի Թաշճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարին եւ բոլոր այն ԼՕԽ-ականներուն, որոնք զանազան ձեւերով մասնակից դարձած էին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան:


ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի Գործունէութիւնը Այսօր

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Banners_activities2

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը իր հիմնադրութիւնէն ի վեր (1987), երկար տարիներու վրայ գործած է ու կը գործէ Պուրճ  Համուտի հայահոծ շրջանին մէջ եւ շնորհիւ լիբանանահայ գաղութի բարերարներու ազնիւ նուիրատութիւններուն եւ շարք մը տեղական ու միջազգային կազմակերպութիւններու, պետական կառոյցներու եւ դեսպանատուներու նիւթական օժանդակութեան եւ աջակցութեան` կը տանի ընկերային եւ առողջապահական գործունէութիւն` ծառայելով ընդհանրապէս լիբանանցի ժողովուրդին եւ յատկապէս հայ ժողովուրդի զաւակներուն:

ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնը բաղկացած է 10 բաժանմունքներէ, որոնք օժտուած են արդիական կազմածներով եւ սարքերով եւ օրական դրութեամբ անխտիր կ՛ընդունի բոլոր խաւերէն իրեն դիմող պարագաները (շուրջ 225-250 պարագաներ)` անոնց հայթայթելով բազմատեսակ ընկերային օժանդակութիւններ եւ ամբողջական բժշկական, դարմանողական ու ախտորոշման բարձրորակ սպասարկութիւններ:

ԱՊԸԲ կեդրոնը տարուէ տարի զարգանալով եւ բարգաւաճելով` ընդլայնած է իր սպասարկութիւններուն գործելադաշտերը եւ արժանացած է Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան բարձր գնահատանքին, ինչպէս նաեւ ճանչուած է որպէս բարձրորակ մակարդակով եւ նպաստաւոր պայմաններով սպասարկութիւններ մատուցող Լիբանանի գերազանց եւ լաւագոյն ընկերաբժշկական կեդրոններէն մէկը:

Այսօր ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնը մաս կը կազմէ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան «Նախնական առողջապահական խնամք/հոգատարութիւն» մատուցող կեդրոններու համացանցին (Primary Health Care Center), եւ այս գծով մեծ աշխատանք տարուած է եւ տակաւին կը տարուի միջազգային չափանիշերն ու արժեչափերը որդեգրելու եւ կեդրոնի սպասարկութիւններուն մակարդակն ու որակը աւելի եւս բարելաւելու եւ իսկական վարկաւորման (Accreditation) աշխատանքի երկրորդ հանգրուանի ծրագիրը անցընելու:

«Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի տարբեր բաժանմունքները

Կեդրոնէն ներս կը գործեն 35 մասնագէտ բժիշկներ, 6 ատամնաբուժներ, 2 սննդագէտներ, 2 մարձումի մասնագէտներ եւ 28 փորձառու եւ արհեստավարժ անձնակազմ մը:

Կեդրոնը բաղկացած է 10 բաժանմունքներէ.

ա) Դեղարանը, որ կը հայթայթէ դարմանողական եւ քրոնիք դեղեր:

բ) Շողանկարումի բաժանմունքները, ուր տեղի կ՛ունենան հետեւեալ քննութիւնները` XRay – Panoramic – Mammography – BMD – Echography:

գ) Շտապ օգնութեան բաժանմունքը, ուր տեղի կ՛ունենան մանր վիրաբուժական գործողութիւններ, սրտի ժապաւէն (ECG), կտրուածքներու դարմանում (գաճ):

դ) Մարձումի բաժանմունքը` որ օժտուած է արդիական կազմածներով:

ե) Հիւանդատար ինքնաշարժի բաժանմունքը, որմէ կարելի է օգտուիլ միայն օր մը առաջ ճշդելով հիւանդը փոխադրելու ժամադրութիւնը:

զ) Բժշկական/ դարմանողական սպասարկութեան բաժանմունքը, ուր կը տրամադրուին զանազան բժշկական մասնագիտութիւններով սպասարկութիւններ, ինչպէս` ընդհանուր մարմնի, ներքին հիւանդութեան, ոսկորայօդային, մաշկային հիւանդութեան, կանացի եւ ծննդաբերութեան, ակնաբուժի, գեղձերու, մանուկներու,ուղեղի եւ ջղային համակարգի, միզային անցքերու, քիթ/կոկորդ/ականջի, սրտի, հոգեկան, սննդագիտութեան …

է) Տարրալուծարանի բաժանմունքը, ուր տեղի կ՛ունենան ամէն տեսակի արեան քննութիւններ:

ը) Ատամնաբուժարանի բաժանմունքը` ուր կան 4 կազմածներ` փոքրերու եւ չափահասերու զանազան սպասարկութիւններով:

թ) Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակը, որ շնորհիւ ընկերային ծառայողին օրական դրութեամբ կը տանի զանազան մարդասիրական, ընկերային եւ առողջապահական աշխատանքներ եւ սպասարկութիւններ, գոհացում տալու համար հայ կարիքաւորներուն, ծերերուն, անկարներու եւ հիւանդներու պահանջներուն:

Այս գրասենեակը կը գործակցի ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբին հետ, որ շաբաթը երկօրեայ դրութեամբ (ամէն երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը) շուրջ 120-185 կարիքաւոր անձերու տաք ճաշ կը բաշխէ:

Այս գրասենեակը կը գործակցի նաեւ պետական կառոյցներու ինչպէս Լիբանանի ընկերային բարօրութեան եւ առողջապահութեան նախարարութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ` ոչ կառավարական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, հետ ինչպէս UNICEF, UNFPA, World Vision…

Գրասենեակը մաս կը կազմէ YFS (Youth Friendly Service) ծրագրին եւ գործակցաբար UNFPA-ի եւ  UNICEF-ի` մօտէն կը հետեւի իրեն դիմող պատանիներու եւ երիտասարդներու հետ կապուած առողջապահական եւ ընկերային հարցերուն:

Տեղին է յիշել, որ այս գրասենեակը կը գործակցի նաեւ հայկական քոյր միութիւններու եւ հաստատութիւններու հետ, եւ ընկերային ծառայողը ներկայ կը գտնուի հայ համայնքի Ընկերային ծառայողներու միութեան եւ Միջբարեսիրական հաստատութիւններու ժողովներուն, հաւաքական ձեռնարկներուն:

ժ) Հանրային առողջապահութեան եւ նախազգուշական բաժանմունքը` որ գործակցաբար ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի առողջապահութեան թէ ընկերային բարօրութեան նախարարութիւններուն հետ, կը տանի զանազան աշխատանքներ ինչպէս` նախազգուշական արշաւներ, շաքարախտաւորներու ծրագիր, պատուաստի արշաւներ, առողջապահական գիտելիքներու դասախօսական շարքեր, հայկական վարժարաններու աշակերտներու առողջապահական եւ նախազգուշական գիտելիքներու փոխանցում, արեան տուչութեան արշաւներ:

Տեղին է յիշել, որ ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած շաբաթօրեայ դասախօսական շարքերուն հետեւողական եւ կանոնաւոր կերպով ներկայ գտնուողները կը ստանան կտրօններ` կեդրոնէն ներս անվճար քննութիւն մը կամ բժշկական ծառայութիւն մը ստանալու: Այս քննութիւններուն նպատակն է բացայայտել եւ կանխարգիլել հիւանդութիւնները:

Այս բաժանմունքը մօտէն կը հետեւի Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան որդեգրած «NCD» (Non-Communicable Diseases) ծրագրին, ինչպէս նաեւ` «Mal Nutrition» ծրագրին` կանխարգիլելու համար բոլոր 40 տարեկանէն վեր եղող պարագաներու քրոնիք  հիւանդութիւնները եւ 0-5 տարեկան երեխաներու թերսնուցման վտանգը:

Կեդրոնի վկայեալ հիւանդապահուհիին օժանդակութեամբ եւ նախարարութեան կողմէ տրամադրուած յատուկ գործիքներու օգտագործումով կը կատարուին բոլոր պէտք եղած քննութիւնները, եւ արդիւնքները կ՛արձանագրուին ու կը փոխանցուին նախարարութեան պէտք եղած յղումները կատարելու եւ դարմանումը ստանալու համար:

ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնին տարած նոր ծրագիրները եւ գործունէութիւնները:

– Կեդրոնը մեծ աշխատանք կը տանի Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ գործադրութեան դրուած « Accreditation»-ի (վարկաւորման) հանգրուանային ծրագիրը շարունակելու` նկատի ունենալով, որ 2013-ին կեդրոնը անցուց այս ծրագրի առաջին հանգրուանը եւ վարկաւորուեցաւ  «Accreditation Canada»-ի կողմէ որպէս միջազգային առողջապահական չափանիշներուն մեծ մասը կիրարկող կեդրոն, հետեւաբար այս նպատակին համար կեդրոնը ստեղծեց յատուկ վարկաւորման յանձնախումբ մը, որպէսզի աշխատանքը շարունակուի, եւ կեդրոնը կարենայ արդի առողջապահական չափանիշներու արժեչափերը հետեւողական ձեւով պատշաճեցնել իր պայմաններուն եւ միշտ որակաւոր ծառայութիւններ մատուցել իրեն դիմող պարագաներուն:

– Այս գծով, օրինակ, յանձնախումբը աշխատանք կը տանի մեր ընկերութեան առողջապահական կարիքները լոյսին բերող ուսումնասիրութիւնը կատարել (Community Need Assessment Survey), որպէսզի համապատասխան լուծումները գտնուին եւ բարելաւուի մեր ընկերութեան առողջապահական վիճակը` բարեկարգելով նաեւ ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնի առողջապահական եւ ընկերային ծառայութիւնները: Հոս կ՛ուզեմ երախտագիտութիւնս յայտնել «Manegment Mix» ընկերութեան տնօրէնութեան` տէր եւ տիկ ՐաՖՖի եւ Սիւզի Սեմերճեաններուն, որոնք մեծ ներդրում եւ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն ԼՕԽ-ին եւ յատկապէս ԱՊԸԲ կեդրոնի ծրագիրներու յաջողութեան համար:

– Երեքշաբթի 26 յունուար 2016-ին ԼՕԽ-ի եւ Ճափոնական դեսպանատան միջեւ համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ, որուն հիման վրայ դեսպանատունը  54.802 ամերիկեան տոլարի նիւթական յատկացում մը պիտի տրամադրէ ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնին:

Այս նիւթական յատկացումով կեդրոնը պիտի օժտուի արդիական սարքերով`

ա) Շողանկարումի, «Computed Radiography Complete System» արդիական գործիք, որուն միջոցով կարելի պիտի ըլլայ աւելի յստակ եւ որակաւոր շողանկարում կատարել:

բ) Կեդրոնի շէնքին նոր վերելակ, որով պարագաները հնարաւորութիւն պիտի ունենան աւելի յարմարաւէտ եւ ապահով միջոցով փոխադրուելու կեդրոնի տարբեր բաժանմունքները:

գ) 15 հատ օդափոխիչ սարքեր, որոնք պիտի զետեղուին կեդրոնի տարբեր բաժանմունքներէն ներս, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի հանգստաւէտ պայմաններով միջավայր մը ապահովել կեդրոնէն ներս:

– Կեդրոնը նաեւ ունեցաւ իր նոր «Nursing Unit»-ը (հիւանդապահութեան բաժինը) բժշկական բաժանմունքէն ներս, եւ այս գծով յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ յատկապէս քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանին իրենց ցուցաբերած գործակցութեան եւ աջակցութեան համար:

ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնի գործակցութիւնը Լիբանանի Համալսարաններու եւ վարժարաններու հետ:

– Կեդրոնը կ՛ընդունի կամաւոր աշխատողները, որոնք նամակով կը ներկայանան, օրինակ` հայկական վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտները, համալսարանական ուսանողներ, բժիշկներ, որոնք կու գան օգտակար դառնալու ԼՕխ-ին եւ կեդրոնի գործունէութեան, միեւնոյն ժամանակ որոշ փորձառութիւն մը ձեռք կը ձգեն, եւ մեր կողմէ հաստատագիր կը տրուի իրենց:

– Տարբեր համալսարաններէ ուսանողներ կու գան, որպէսզի իրենց վարժանքի եւ փորձառական աշխատանքը կատարեն կեդրոնէն ներս: Օրինակ` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդապահութեան, ինչպէս նաեւ` հանրային առողջապահական գիտութիւններու բաժանմունքի ուսանողները, Լիբանանեան համալսարանի հիւանդապահութեան բաժանմունքի ուսանողները:

– Դպրոցական երկրորդական դասարաններու աշակերտները կու գան իրենց «Community Service»-ի աշխատանքը տանելու կեդրոնէն ներս` լրացնելու 15 ժամուան ընկերային ծառայութեան դասընթացքը, որ մաս կը կազմէ իրենց դպրոցական ծրագրին:

Վերջապէս կ՛ուզեմ ըսել, որ ԼՕԽ-ը որպէս մարդասիրական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւն` կարիքը ունի իւրաքանչիւր անհատի աջակցութեան եւ քաջալերանքին ու ներդրումին, որովհետեւ կը հաւատամ, որ միասնաբար, հաւաքական եւ նուիրական աշխատանքով է, որ ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնը կարելիութիւն պիտի ունենայ աւելի օգտակար դառնալու իր շրջապատին եւ յատկապէս հայ ժողովուրդի զաւակներուն ու իրեն դիմող բոլոր պարագաներուն անխտիր եւ պիտի կարենայ իրագործել նորանոր նուաճումներ եւ յաջողիլ գոհացնել մեր կարիքաւոր ժողովուրդին հետզհետէ բազմացող ընկերային եւ բժշկական կարիքները` անոնց հայթայթելով առողջութիւն եւ բարօրութիւն:

Շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել ԼՕԽ-ի բոլոր բարեկամներուն,  անհատ բարերարներուն եւ նուիրատուներուն` իրենց նիւթական թէ բարոյական աջակցութեան համար եւ շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր անոնց, որոնք կը գործակցին ու կը վստահին ԱՊԸԲ կեդրոնի տրամադրած սպասարկութիւններուն եւ տարբեր առիթներով կը քաջալերեն կեդրոնի գործունէութիւնը, որպէսզի ան աւելի հաստատ քայլերով եւ յաջողութեամբ շարունակէ իր նուիրական առաքելութիւնը եւ մարդասիրական ծառայութիւնները:

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»
ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն
ՄԷՅՐԻ ՉՈԼՈՅԵԱՆ

Աննախընթաց Ցուցահանդէս-Վաճառք

ԵՒՆԻԿԷ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Image may be NSFW.
Clik here to view.
12311316_10153820525748653_6397366101619074319_n

Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ օծման 60-ամեակին առթիւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քերքեզեան եւ եկեղեցւոյ միաւորները` Թաղական խորհուրդը, Տիկնանց յանձնախումբը եւ Աղքատախնամ մարմինը հոկտեմբեր 2015-հոկտեմբեր 2016 տարուան համար ծրագրած են եկեղեցական եւ մշակութային ձեռնարկներու շարք մը:

Արդ, ձեռնարկներու ծիրին մէջ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը եւ Տիկնանց յանձնախումբը միասնաբար գեղեցիկ գաղափարը յղացած էին ցուցահանդէս-վաճառքի մը, որ կը տարբերէր իր տեսակին մէջ այլ ցուցահանդէսներէ: Ցուցահանդէսին նպատակն էր մեր մայրերուն եւ մեծ մայրերուն հայկական ձեռագործները եւ ձեռային աշխատանքները ցուցադրել եւ վաճառել հանրութեան: Այսպիսով, 3-9 դեկտեմբերին Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ,  հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս-վաճառք:

2015 տարին 100-ամեակն է Ցեղասպանութեան, եւ մեր ցեղասպաննուած ժողովուրդին յարութեան: Մեր ժողովուրդը սուրիական անապատներէն թափառական, անօթի ու ծարաւ հասաւ Լիբանան, ուր տարիներ բնակեցաւ հիւղաւաններու մէջ: Բայց իր ապրելու եւ գոյատեւելու կամքը զօրաւոր էր: Ան շէնցուց իր նոր տունը, շինեց եկեղեցիներ, դպրոցներ: Քրիստոնէութիւնը իր մէջ արմատացած էր եւ հաւատքը` զօրաւոր: Կը հաւատար ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔ կառոյցին: Կը հաւատար աւանդութիւնները` հոգեւոր թէ մշակութային ժառանգութիւնները, պահպանելու եւ յաջորդ սերունդին փոխանցելու անհրաժեշտութիւնը: Մեր մայրերը ձեռագործի հմուտ վարպետներ էին, անոնք կ՛աշխատէին եւ շարունակեցին աշխատիլ իրենց ապրուստը հոգալու եւ, յատկապէս, իրենց զաւակներուն օժիտ պատրաստելու համար: Հայրենի իւրաքանչիւր գաւառ ունէր իրեն յատուկ ոճի ձեռագործներ, ինչպէս` Այնթապի, Մարաշի, Վանի, Ուրֆայի եւ այլ շրջաններու: Մեր մեծ մայրերն ու մայրերը շարունակեցին այդ աւանդը պահել սերունդէ սերունդ: Բոլորս ալ մեր տուներուն մէջ ունինք մեր մայրերէն, եւ մեծ մայրերէն մնացած ձեռագործներ, երբեմն` պատառիկներ, որոնք իսկական գոհարներ են: Այս ցուցահանդէսին առաջին նպատակը ինչպէս վերը յիշեցինք, ցուցադրել էր մեր մեծ մայրերուն ու մայրերուն աշխատած ձեռագործները: Ցուցադրուեցան նրբաճաշակ տարբեր տեսակի ձեռագործներ, ասեղնագործեր, ժանեակներ,  նոյնիսկ մէկ քանին հասած էին Այնթապէն եւ Խարբերդէն: Երկրորդ` հոն կային նաեւ  մե՛ր սերունդին ձեռագործները, գեղանկարները, սրբանկարները եւ ձեռային աշխատանքները, որոնք իսկապէս հիանալի աշխատանքներ էին: Մեր սերունդը նկատի ունեցանք, որպէսզի առաջին հերթին գնահատենք ու քաջալերենք զիրենք, որոնք իրենց ժառանգած աւանդը վար պահելով` իրենց կարգին կը փոխանցեն զայն յաջորդ սերունդներուն: Եւ երրորդ մեր փափաքն էր, որ այցելուները գնահատէին ցուցադրուած բոլոր ձեռագործները եւ ձեռային աշխատանքները` գնելով եւ գործածելով զանոնք, որպէսզի անոնք ալ  իրենց բաժինը բերած ըլլային վառած ջահին փոխանցումի գործընթացին մէջ:

Յատուկ շնորհակալական խօսք ունինք մեր բոլոր հայ կիներուն, որոնք սիրայօժար մեզի տրամադրեցին եւ վստահեցան այդ շատ թանկագին եւ «անթիք» ձեռագործները: Նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն` մեր երիտասարդ կիներուն եւ օրիորդներուն, որոնք իրենց ձեռային աշխատանքներով յաւելեալ փայլք տուին այս ցուցահանդէսին: Շնորհակալութիւն` նաեւ բոլոր օժանդակ կիներուն, որոնք իրենց թանկագին ժամանակը տրամադրեցին` մեր ցուցահանդէսի օրերուն օգտակար  հանդիսանալով մեզի:

Վարձքը կատար բոլորին:

 

 

 

Տարեդարձ

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Ներկայ օրերուն անուանակոչութիւն տօնելը գրեթէ վերցուած է: Այսօր աւելի կարեւոր կը դասուին ծննդեան կամ ամուսնութեան տարեդարձերը տօնելը:

Ամուսնութեան 25 կամ 50-ամեակ:

Օտարներուն քով հազուադէպ երեւոյթ է հանդիպիլ ամուսնացած զոյգերու, որոնք այդքան երկար տարիներ միասին ապրած են նոյն յարկին տակ, եւ այդ իսկ պատճառով, շատ յաճախ, ոչ միայն մեծ շուքով կը տօնեն իրենց ամուսնութեան 25 կամ 50-ամեակը, այլ նոյն թուականին, նոյն ժամուն եւ նոյն վայրին մէջ (եթէ տակաւին նոյն նահանգին մէջ կը բնակին) կը վերամուսնանան կղերականի մը օրհնութեամբ: Իսկական հարսանիք մըն է այդ օր: Հրաւիրեալներ եւ ընդունելութիւն` ճաշարանի կամ սրահի մը մէջ:

Դժբախտաբար նման պարագաներ սկսած են յայտնուիլ նաեւ հայերու մօտ, որովհետեւ ամուսնալուծուող զոյգերուն թիւը սկսած է մեծ թիւ հաշուել, եւ եթէ բախտը ունեցած են 25, կամ 50 տարիներ միասին ապրելու, որոշ թիւով հայեր սկսած են հետեւիլ օտարներու օրինակին եւ իրենց ամուսնութեան արծաթ եւ ոսկի տարեդարձերը կը տօնեն մեծ շուքով, սակայն օտարներու նման չեն վերամուսնանար, պարզապէս ճոխ ընդունելութիւն կը կազմակերպեն  բազմահարիւր հրաւիրեալներով:

Մանկութեանս տարիներուն անուանակոչութեան օր ունեցողները, անպայման կը յիշուէին ճիշդ օրին, սակայն տարեդարձները շատ յաճախ կը մոռցուէին եւ յիշուելու պարագային, կը «տօնէին» միայն ընտանիքի անդամներով: Ո՛չ հրաւիրեալներ, ո՛չ ալ ճոխ սեղան: Բախտաւոր էինք, եթէ տունը պատրաստուած կարկանդակի մը արժանանայինք: «Լաւ տարիներ» մաղթանքով  կը բաւարարուէինք:

Տարեդարձս ընկերներով կամ դասընկերներով տօնելս  չեմ յիշեր:

Նմանապէս չեմ յիշեր դասընկերոջ մը տարեդարձին հրաւիրուիլս:

Ճեմարանի դասընկերներէս Հրայր Գոչունեան բացառութիւն կը կազմէր: Ամէն տարի, ամբողջ դասարանով  կը հրաւիրուէինք իրենց Մար Մխայէլ գտնուող բնակարանը, եւ կը տօնէինք «մեծ շուքով»: Եւրոպական վերջին երգերու ընկերակցութեամբ, նոյնիսկ կը պարէինք:

Հրայրը նահանջ տարի ծնած է եւ իր ծնողները 4 տարի չէին սպասեր տօնելու իր տարեդարձը:

Տղուս մանկութեան, ամէն տարի անպայման ամբողջ լման դասարանը կը հրաւիրուէր մեր տունը` միասնաբար տօնելու իր տարեդարձը: Նոյնը կ’ընէին իր բոլոր դասընկեր-դասընկերուհիները: Գրեթէ ամէն շաբաթ անպակաս էր տարեդարձի մը հրաւէրը:

Տարեդարձները կը տօնուին քանի մը հանգրուանով` սկսելով նախ դպրոցէն, տարեդարձին օրը դաստիարակ ուսուցչուհին օրուան «թագաւորին» կամ «թագուհիին» տարիքին թիւով մոմերով զարդարուած կարկանդակով մը կը հիւրասիրէ դասարանը, ապա բոլորը միասին Հաբի պըրթտէյ երգելով` կը պատուեն «Օրուայ Հերոսը»,  որ երբեմն ամչնալով, երբեմն հպարտանալով` կը մարէ վառած մոմերը:

Յաջորդ հանգրուանին` տարեդարձի թուականին ամենամօտ շաբաթավերջին, ամբողջ դասարանը կը հրաւիրուի իր տունը, կամ` մանկական խաղերու վայր մը, ուր կը հրամցուի ընդհանրապէս փիցցա:

Երեկոյեան անգամ մը եւս կը տօնուի ընտանիքի անդամներով եւ մօտիկ ազգականներով:

Նուէրներու տուփերը բանալը հաճելի արարողութիւն մըն է փոքրերուն համար: Աճապարանքով կը պատռեն փաթթուած թուղթերը, մէկ կողմ կը նետեն նուիրողին կողմէ բարեմաղթութեան բացիկները,  եւ կերուխումը կը տեւէ մինչեւ ուշ ժամեր:

Տարիները իրարու կը յաջորդեն: Կարկանդակի վրայի մոմերու թիւերը կը բազմապատկուին: Միեւնոյն ժամանակ հրաւիրեալ դասընկերներու թիւը կը նուազի: Կը հրաւիրուին միայն մտերիմները:

21 տարեկանը յատկանշական տարիք մըն է: Իրմէ տարեց ընկերներու կամ ազգականներու առաջին գործը կ’ըլլայ տանիլ Լաս Վեկաս` առաջին անգամ ըլլալով տօնելու իր տարեդարձը, որպէս երիտասարդ, ուր քազինոներուն մէջ այլեւս իրաւունք ունի խաղալու, նաեւ կրնայ ոգելից ըմպելիներ համտեսել:

Կ’ուրախանանք, երբ մեր զաւակը արդէն երիտասարդներու շարքին անցած է, միեւնոյն ժամանակ մտահոգութիւնները կը բազմապատկուին: Մանկութեան եւ կանուխ պատանեկութեան անոնք, միշտ կ’ընկերակցին ծնողքին: Սակայն այժմ` 21 տարեկան եւ աւելի,  «անկախութեան դրօշը» պարզած` չեն ուզեր ծնողքին հետ անցընել իրենց ազատ ժամերը: Ընկերներով շատ աւելի հաճելի է, որուն համաձայն եմ, սակայն որպէս ծնող, մտահոգութիւնները` արդարացի: Կ’ուզենք տեղեակ մնալ, թէ որո՞նք են իրենց ընկերները: Գէշ ընկեր մը կրնայ շատ դիւրութեամբ «ճամբէ շեղել» ամենախելօք անձը:

Կ’ուրախանանք, որ մեծցած են, սակայն երանի կու տանք մանկութեան տարիներուն:

* * *

Աւելի տարեցներուն քով, բացի ամուսնութեան «արծաթ» եւ «ոսկի» տարեդարձներէն, մեծ շուքով կը տօնուին նաեւ ծննդեան իւրայատուկ թուականները, որոնց շարքին կարելի է յիշել 50-րդ, 60-րդ, 70-րդ տարեդարձները, իսկ աւելի երկար ապրող բախտաւորներուն 80-րդ կամ 90-րդ տարեդարձները շատ աւելի մեծ շուքով կը տօնուին:

Հազուադէպ են 100-ամեակ տօնողները:

Կը տօնենք յայտնի դէմքերու եւ պատմական դէպքերու ամեակներ, որոնք պատմական տարեդարձներ են:

Ինչպէ՞ս չյիշել Վարդանանց պատերազմը:

Կարելի՞ բան է չյիշել ու չտօնել Հայաստանի զոյգ անկախացման տարեդարձները:

Կարեւորագոյնը` կարելի՞ բան է չյիշատակել  Հայոց ցեղասպանութեան ցաւալի թուականը` 24 ապրիլ 1915-ը:

Շատ յաճախ մտածած եմ ցեղասպանութենէ ազատած եւ ընտանիք կազմած մեր ծնողներու մասին, որոնք ոչ միայն չեն յիշեր իրենց ծննդեան թուականը, նոյնիսկ  տեղեակ չեն, թէ ո՛ր տարին ծնած են:

Որբանոցին մէջ, իրենց հասակէն դատելով, մօտաւոր տարիք մը հետեւցուցած ու արձանագրած են: Քանի մը տարի աւելի կամ պակաս` ի՞նչ կարեւորութիւն ունի: Կարեւորը ազատած են թուրքի ճիրաններէն ու ողջ առողջ հասած` այդ որբանոցը, հոգ չէ թէ տարագրութեան ժամանակ ընտանիքի անդամներէն քանի՛ հոգի միայն ողջ մնացած է:

Մեր ժամանակներուն կարեւոր չէր` ո՞ր ամիսը կամ ո՞ր օրը ծնած ենք: Կարեւորը տարին էր:

Երբ տարին բոլորուէր, ինքնաբերաբար մենք ալ  տարի մը կը մեծնայինք:  Դեկտեմբեր 31-ին ծնածներն անգամ, յաջորդ օրը, յունուարի 1-ին, արդէն մէկ տարի մեծցած կը համարուէին: Նոյնը չէ պարագան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ: Տարի մը կը մեծնաս ճիշդ տարեդարձիդ օրը, եւ այդ իսկ պատճառով ամերիկացիներուն քով գրեթէ բոլորը մեծ կարեւորութիւն կու տան իրենց ծննդեան թուականի օրուան:

Շրջան մը աշխատած եմ ընկերութեան մը մէջ, ուր պաշտօնեան իր տարեդարձի օրը իրաւունք ունէր վճարովի արձակուրդի:

Ամէն ընկերութիւն նոյնքան բարեացակամ չի գտնուիր իր պաշտօնեաներուն  նկատմամբ, սակայն անպայման այդ օրը կը յիշուի իր պաշտօնակիցներուն կողմէ: Անձի մը տարեդարձին օրը իր անմիջական բաժնի պաշտօնեաները միասին կը ճաշեն: Տարեդարձի կարկանդակով եւ փոքրիկ նուէրով մը կը վարձատրուի օրուան «հերոս»-ը, նաեւ կը ստանայ բոլորին կողմէ ստորագրուած տարեդարձը շնորհաւորող բարեմաղթանքներով ու ստորագրութիւններով լեցուն բացիկ մը:

Արհեստագիտութեան այս զարգացած տարիներուն, բոլոր անոնք, որոնք Դիմատետրի մէջ արձանագրուած են, կը յիշեցուին իրենց «ընկեր»-ներուն: «Այսօր այսինչին տարեդարձն է», եւ աշխարհի չորս ծագերէն Դիմատետրի իր էջը բարեմաղթութիւններով կ՛ողողուի: Յաջորդ օրը, (երբեմն միայն քանի մը ժամ ետք) շատեր նկարներով բոլորին բաժնեկից կը դարձնեն իրենց տարեդարձի «տօնախմբութիւնը»:

* * *

Լաւ սովորութիւն է յիշել ծննդեան կամ ամուսնութեան տարեդարձները: Միեւնոյն ժամանակ տխուր է յիշել մեզմէ յաւերժ բաժնուած սիրելիի մը ծննդեան թուականը:

Կը յիշենք իրենց մահուան քառասունքը` եկեղեցի երթալով ու հոգեհանգիստ կատարելով: Նմանապէս կը յիշենք իրենց մահուան առաջին տարելիցը, սակայն շատ յաճախ, շատերու քով կ’անտեսուին յաջորդող տարիները:

Կը մոռնան, թէ պայման է ամէն տարի յիշել հանգուցեալներուն մահուան տարելիցները գէթ հոգեհանգիստով մը:

Հանգուցեալները ամէն բանէ աւելի արժանի են յիշուելու, եթէ ոչ իրենց ծննդեան թուականին, սակայն ՊԱՅՄԱՆ է, որ յիշուին  իրենց մահուան տարելիցներուն:

Տարեդարձ եւ տարելից:

Տարեդարձ` բոլոր անոնց համար, որոնք իրենց սիրելիներուն հետ միասնաբար տակաւին կը վայելեն կեանքի բարիքները:

Տարելից` մեզմէ յաւերժ բաժնուածներու անթառամ յիշատակին:

Առաջինը` կեր ու խումով, իսկ երկրորդը` հոգեհանգիստով:

Կը հաւատանք, որ հոգեհանգիստով`  ննջեցեալներու հոգին խաղաղութեան կ’արժանանայ, միեւնոյն ժամանակ  կը հանգստացնէ նաեւ մեր խիղճը:

Լոս Անճելըս 2016

 

 

 

Ցեղասպան Թալէաթի Վերջին Հարցազրոյցը` Գնդակահարութենէն Քանի Մը Օր Առաջ

Image may be NSFW.
Clik here to view.
harut-sassunian1
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Բրիտանացի դիւանագէտ, ճամբորդ, հետախոյզ եւ խորհրդարանի անդամ Օպրի Հըրպըրթ բացառիկ հարցազրոյց ունեցած է Թալէաթ փաշայի հետ փետրուար 1921-ին, Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ Պերլինի մէջ գնդակահարուելէ միայն քանի մը օր առաջ:

Թալէաթ փաշան` որպէս Օսմանեան կայսրութեան ամենազօր մեծ վեզիր, բռնակալ եւ Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչ, 1918 թուականի նոյեմբերին փախած էր Թուրքիայէն` նոր վարչակարգին կողմէ հետապնդուելէ խուսափելու համար: Թալէաթի 23 էջնոց հարցազրոյցը հրապարակուեցաւ 1924 (Լոնտոն) եւ 1925 (Նիւ Եորք) թուականներուն, Հըրպըրթի «Պեն Քենտիմ. Արեւելեան ճամբորդութեան նոթեր» խորագիրը կրող յուշերուն մէջ:

Հըրպըրթ Թալէաթի հետ առաջին անգամ հանդիպած էր 1908 թուականին, երբ կը պաշտօնավարէր Կոստանդնուպոլսոյ բրիտանական դեսպանատան մէջ: Տասնմէկ տարի անց Հըրպըրթ անակնկալ նամակ մը կը ստանայ Թալէաթէն` «որեւէ չէզոք երկրի մը մէջ» հետը տեսակցելու խնդրանքով: Յուսահատօրէն փորձելով վերականգնել իր դիւային կերպարը Արեւմուտքի մէջ` Թալէաթ կը պնդէր, թէ «ինք պատասխանատուութիւն չի կրեր հայկական ջարդերու համար, թէ` այդ մէկը կրնար ապացուցել եւ շատ կը փափաքէր ընել»: Հըրպըրթ կը մերժէ Թալէաթի խնդրանքը` ըսելով. «Ես շատ ուրախացայ լսելով, որ ան այդ մարդը չէր, որ պատասխանատու էր հայկական ջարդերու համար, սակայն չէի կարծեր, որ մեր այդ ատենուան հանդիպումը կրնար որեւէ նպատակի ծառայել»:

Սակայն փետրուար 1921-ին, Հըրպըրթ կը փոխէ իր որոշումը, երբ բրիտանական հետախուզութեան տնօրէն Սըր Պասիլ Թոմսըն անոր կը հրամայէ անմիջապէս մեկնիլ Գերմանիա եւ տեսակցիլ Թալէաթի հետ: Գաղտնի ժամադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ 26 փետրուարին, գերմանական Համ փոքրիկ քաղաքին մէջ:

Թալէաթ անգամ մը եւս կ՛ըսէ Հըրպըրթի, որ` «ինք անձամբ միշտ դէմ եղած է հայերու բնաջնջման փորձերուն»: Աւելի անհաւատալիօրէն Թալէաթ կը պնդէ, թէ՛ «ինք երկու անգամ ընդդիմացած է այդ քաղաքականութեան, սակայն մերժում ստացած է գերմանացիներէն»:

Մոռնալով ջարդերուն մէջ իր անմեղութեան մասին պնդումները` Թալէաթ արդարացուց զանգուածային սպանութիւնները` հայերը մեղադրելով պատերազմի ժամանակ իր երկիրը թիկունքէն հարուածելու յանցանքով: Կրկին ինքզինք հակասելով, Թալէաթ իր աջակցութիւնը յայտնեց հայերուն` յայտարարելով, որ` «ինք կողմ եղած է` ազգային փոքրամասնութիւններուն աւելի ընդարձակ ինքնավարութիւն շնորհելու գաղափարին եւ ուրախութեամբ դիտարկած` իրեն ներկայացուած որեւէ առաջարկ»:

Այնուհետեւ, հայկական կոտորածներու համար Թալէաթ մեղքը բարդեց բրիտանացիներու վրայ. «Դուք` անգլիացիներդ, չէք կրնար այս հարցին մէջ խուսափիլ ձեր պատասխանատուութենէն: Մենք` երիտթուրքերս, գործնականին մէջ Թուրքիան հրամցուցինք ձեզի, իսկ դուք մերժեցիք մեզ: Անվիճելի հետեւանքներէն մէկը եղաւ կործանումը քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն, որոնք, ձեր վարչապետի պնդմամբ, կը դիտուէին իբրեւ ձեր դաշնակիցները: Եթէ յոյները եւ հայերը ձեր դաշնակիցներն են այն ատեն, երբ մենք կը գտնուինք պատերազմի մէջ ձեզի դէմ, ապա դուք չէք կրնար ակնկալել, որ մեր թրքական կառավարութիւնը անոնց հետ վարուէր իբրեւ բարեկամներ»:

Ապա Հըրպըրթ եւ Թալէաթ կ՛որոշեն տեղափոխուիլ Գերմանիոյ Տիւսելտորֆ քաղաքը, ուր կը շարունակեն իրենց գաղտնի զրոյցը երկու օր եւս: Հըրպըրթ կը պատմէ Թալէաթի հակասական փորձի մասին` մէկ կողմէ քողարկել իր դերը Հայոց ցեղասպանութեան մէջ, միւս կողմէ` արդարացնել այդ հրէշաւոր ոճրագործութիւնը: Թալէաթ նշած է, որ` «ինք յուշագիր գրած էր հայկական կոտորածներու մասին եւ շատ կը փափաքէր, որ բրիտանացի պաշտօնեաները կարդան զայն: Պատերազմի սկիզբը, 1915 թուականին հայերը բանակ կազմեցին եւ յարձակեցան թուրքերու վրայ, որոնք այն ատեն կը կռուէին ռուսերու դէմ: Երեք հայ երեսփոխաններ աշխուժօրէն մասնակցած են կռուին. մահմետականներու դէմ իբր թէ ջարդեր տեղի ունեցան, որոնց ուղեկցեցան կիներու եւ մանուկներու  նկատմամբ վայրագութիւններ: Ան երկու անգամ դէմ եղած է բռնի տեղահանութիւններուն, նաեւ եղած է հեղինակը հետաքննութեան մը, որուն պատճառով մեղաւոր քիւրտերէ եւ թուրքերէ քանի մը հոգի ենթարկուեցան մահապատիժի»:

Ճակատագրի հեգնանքով Թալէաթ ինքնավստահօրէն կ՛ըսէ Հըրպըրթի, որ ինք չի վախնար սպաննուելէ: «Ան ըսաւ, որ երբեք չէ մտածած այդ մասին: Ինչո՞ւ պէտք է մէկը չսիրէ զինք: Ես ըսի, որ թերթերու մէջ իր մասին այդքան գրելէ ետք հնարաւոր է, որ հայերը կամենան վրէժխնդիր ըլլալ իրմէ, սակայն ան անուշադրութեան մատնեց իմ խօսքերս»: Երկու շաբաթ անց հայոց վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեան Պերլինի մէջ գնդակահարեց դահիճ Թալէաթը…

Աւարտելով Թալէաթի հետ իր հարցազրոյցը` Հըրպըրթ կը նկատէ. «Իրեն սերնդակից սակաւաթիւներէն էր ան, որ մահացաւ ատելութեան մէջ, իսկապէս անիծուած: Գուցէ ան այդպէս էր, ինչպէս որ կը նկարագրէին զայն, չեմ կրնար ըսել: Ես գիտեմ, որ ան բացառիկ կարողութիւն եւ գրաւչութիւն ունէր, սակայն չեմ գիտեր, թէ արդեօ՞ք ան պատասխանատու էր հայկական կոտորածներուն համար»:

Միայն այդ ժամանակաշրջանի մասնագէտները կրնան ստուգել այս ծաւալուն հարցազրոյցին հաւաստիութիւնը եւ իսկութիւնը: Եթէ հարցազրոյցը իսկապէս ճիշդ է, ապա արդեօք ի՞նչ էր Թալէաթի նպատակը` «անգլօ-թրքական դաշինք» առաջարկելուն մէջ, եւ ինչո՞ւ բրիտանական կառավարութիւնը այդքան շատ կը փափաքէր զրուցել անոր հետ:

Թարգմանութիւնը`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆի

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

 

Ճշմարտութեան Վայրկեանը

Image may be NSFW.
Clik here to view.
0221garoarmenian1
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Սահմանադրական հանրաքուէն արմատական փոփոխութիւններու ամբողջ համակարգ մը կեանքի կոչեց` Հայաստանի պետական կեանքին նոր որակ տալու յստակ առաջադրութեամբ: Եւ սակայն երկրի իշխանական թեւի ելոյթներն ու պահուածքը յստակ ոչինչ կ՛ըսեն այս մասին: Ոչ ոք կ՛աճապարէ մեր պետականութեան այս նոր դարագլուխը արժանաւորապէս նշելու, զայն ոգեւորութեամբ շեփորելու, զայն դրօշի վերածելու: Սահմանադրութիւնը երկրի տնօրէն օրէնքն է, որ կը գործէ գերաստիճան հանգամանքով: Այդ օրէնքն է, զոր դուք գլխիվայր շրջեցիք եւ նոր օրինակարգ հաստատեցիք պետութիւնը ժողովուրդին մօտեցնելու յստակ տեսլականով: Եւ հիմա ի՞նչ…

Սահմանադրական լիազօրութիւն ստացած համակարգային փոփոխութիւնները կը պահանջեն նախաձեռնութիւններու պարտադիր գործընթաց մը` քաղաքական դաշտի ամբողջ լայնքով, որուն շօշափելի դրսեւորումները պէտք է արդէն իսկ տեսանելի ըլլային երկրի հանրութեան, բայց չեն եղած եւ չեն…Ե՞րբ պիտի ըլլան: Ինչի՞ պէտք է վերագրել պետական կեանքի այս դանդաղաշարժութիւնը: Առայժմ դեռ նոյն լեզուն է, նոյն մտայնութիւնը, նոյն աշխարհահայեացքը, ներքաղաքական նոյն առօրեա՛ն:

Ընդունինք կամ ոչ` սովորականի, սովորութականի, business-as-usual-ի ոլորտէն դուրս կը գտնուինք վաղուց: Մտած ենք պետական կեանքի մէկ նոր փուլ, նոր յանձնառութիւններով, նոր պարտաւորութիւններով, նոր հրամայականներով. փո՛ւլ, որ արդէն իսկ պէտք է պայմանաւորէ մեր քաղաքական մտածողութիւնը եւ գործի մղէ մեզ:

Թէ՛ իշխանական ուժերը եւ թէ՛ ընդդիմութիւնը պիտի գիտնան, որ կարելի չէ այլեւս հինը եւ հանրութեան կողմէ մերժուածը պահպանել: Նախագահական հաստատութիւնը պէտք է արդէն իսկ ձեռնարկէ իր ինքնալուծարման գործին եւ երկիրը պատրաստէ խորհրդարանական համակարգին համար: Նախագահի իրաւասութիւնները ներկայիս կրնան գործել անցումային կարգավիճակով միայն: Հետեւաբար պէտք է ձեւաւորուի ժամանակաւոր մէկ գործելաձեւ սերտ համագործակցութեան բերելով ՀՀ նախագահն ու ընդդիմադիր դաշտի ուժերը անցումային այս փուլը աչալրջօրէն կարենալ դիմագրաւելու համար: Դաշնակցութեան հետ համախմբական կառավարութիւն ձեւաւորելու ճիգերը միայն այս լոյսի տակ կարելի է հասկնալ: Խորհրդարանական համակարգը, որ ամրագրուած է նոր սահմանադրութեամբ, ունի իր ուրոյն տրամաբանութիւնը: Ան չի կրնար գործել նախագահականի ստորոգելիներով: Պէտք չէ գործէ: Եթէ գործէ, մենք կ՛ունենանք նախկինէն շատ աւելի խնդրայարոյց, շատ աւելի պայթուցիկ եւ լայնօրէն անկառավարելի մէկ իրադրութիւն Հայաստանի քաղաքական դաշտէն ներս: Մենք կ՛ունենանք ամուլ պետականութիւն եւ քաղաքական քաոս, որ կը սպառնայ մեր երկրի զարգացման եւ անվտանգութեան հրամայականներուն եւ, ի վերջոյ, մեր երկրի անկախութեան:

Պա՛րզ խօսինք: Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն, որուն սկիզբէն իսկ զօրավիգ կանգնեցաւ Դաշնակցութիւնը, մեր ժողովուրդի բարձրաձայն ԱՅՈ-ն էր. պարտաւորեցնոլ պահա՛նջը` վերջին քսան հինգ տարուան արատներէն բեռնաթափուելու, քաղաքական կեանքի դռները քաղաքացիին առջեւ լայն բանալու, մենաշնորհները ջարդելու եւ մեր տնտեսութիւնը իր իրաւատիրոջ վերադարձնելու: Բայց նաեւ ան մեր ժողովուրդին աղաղակող ՈՉ-ն էր երկրի կարողականութիւնները առեւանգողներուն, ժողովուրդը իրաւազրկողներուն, երկրին կենսոլորտը ապականողներուն, պետական մեքենան կաշառակերութեան որջի վերածողներուն: Իշխանութիւնը պիտի գիտնայ, որ այս այո-ն եւ այս ոչ-ը հաւասարազօր իրաւունքով կը բխին մեր ժողովուրդի զգաստ խղճմտանքէն եւ մշտապէս կը դիեցնեն զիրար: Իշխանական համակարգի ղեկավարները նաեւ պիտի գիտնան, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն մեր ժողովուրդին կողմէ իրենց տրուած վերջին պատեհութիւնն է ցարդ նուիրագործուած քաղաքական սնանկ մշակոյթէն ձերբազատելու եւ քայլ նետելու դէպի նոր իրաւակարգ, դէպի նոր քաղաքակրթութիւն:

Եկած է վարչա-հրամայական հին կենսաձեւէն միանգամընդմիշտ խզուելու պատմական պահը: Միակուսակցական դրութիւնը լուծարելու պա՛հը: Բայց եթէ դեռ կան պետական մարդիկ, որոնք յոյսեր կը սնուցանեն, որ նոր սահմանադրութիւնը ի վերջոյ ծառայէ հանրութիւնը ապակողմնորոշելու եւ միակուսակցական համակարգի «ոտքերը ամրացնելու» եւ յօգուտ մենաշնորհային համակարգի տէրերուն` երկրի շահագործման հոլովոյթը մշտնջենաւորելու, անոնք այժմէն իսկ պէտք է գիտնան, որ այս անգամ այդպէս պիտի չըլլայ: Անոնք պէտք է գիտնան, որ յարացոյցը (paradigm) փոխուած է: Հին յարացոյցը ընդմիշտ անհետացած է: Այս ժողովուրդը յոգնած է փուճ լոզունգներէն: Այս ժողովուրդը զայրացած է: Եւ հասած է ճշմարտութեան վայրկեանը:

փետրուար 4, 2016
Ուաշինկթըն

Գրախօսական. «Կախարդական Կոճակները» Հեղինակ Նունէ Սարգիսեան

 

ԱՍԱՏՈՒՐ ԿԻՒԶԵԼԵԱՆ

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Nouneh-picture_0209

Նունէ Սարգիսեանի անգլերէն լեզուով «Կախարդական կոճակները» գրքի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ «Լինլի Լոնտոն» կենտրոնում, 10 դեկտեմբեր 2015-ին, «Լորտ Լինլիի եւ Քորթեթ» հրատարակչատան տնօրէն Նայիմ Աթթալանի հրաւէրով:

«Կախարդական կոճակները» մանկագիր Նունէ Սարգիսեանի անգլերէն առաջին գիրքն է, որը հրատարակել է «Քորթեթ պուքս» հրատարակչատունը:

Շնորհահանդէսի բացումը կատարելով` ներկաներին ողջունեց Լորտ Տէյվիտ Լինլին եւ գնահատանքի ջերմ խօսքեր հասցէագրեց Նունէ Սարգիսեանին:

Յանուն «Քորթեթ պուքս» հրատարակչատան` ելոյթ ունեցաւ Նայիմ Աթթալան, որը բարձր գնահատեց «Կախարդական կոճակները» գրքի գրական արժէքն ու նրա բերած նպաստը` անգլիական մանկական գրականութեան:

Խօսելով իր նորատիպ գրքի մասին` Նունէ Սարգիսեանը շեշտեց, որ իր այս եւ նախորդ գրքերի պատմութիւններն ու հեքիաթները ձգտում են երեխաներին սովորացնել ո՛չ միայն կեանքի բարոյական արժէքների նկատմամբ ունենալ սէր ու յարգանք, այլ նաեւ լինել քաջ ու հնարամիտ` պաշտպանելու համար այդ արժէքները:

Նունէ Սարգիսեանը ծնուել է Երեւանում: Բարձրագոյն ուսումը Երեւանի պետական համալսարանի ռոմանօ-գերմանական բաժնում ստանալուց յետոյ պաշտօնավարել է Մատերադարանում: 1991-ին Նունէ եւ Արմէն Սարգիսեանները իրենց երկու որդիների` Վարդանի եւ Հայկի հետ բնակութիւն են հաստատել Լոնտոնում: 1992-93 տարիներին Նունէն հետեւել է Լոնտոնի համալսարանի Կոլտսմիթ քոլեճի արուեստաբանութեան բաժնի դասընթացքներին եւ ստացել` մագիստրոս արուեստից (MA) գիտաստիճանը:

Նունէ Սարգիսեանը նոր չէ, որ մուտք է գործում մանկական գրականութեան ասպարէզը: Նրա հեքիաթները սկսել են հրատարակուել խորհրդային մանկական ամսագրերում, երբ նա դեռ նոր էր ընդունուել համալսարան:

Թէեւ «Կախարդական կոճակները» Նունէի անգլերէն առաջին գիրքն է, սակայն հայ մանուկները մեծ հաճոյքով կարդացել են նրա 2005-2010 թ.ին հրատարակուած գրքերը, ինչպէս` «Սադափ», «Հերոսներ», «Երեք վիշապ», «Վիշապ Նեսի», «Նռան հատիկները», «Թագաւորն ու վիշապը», «Քաչալ ոզնին», «Թէ ինչպէս փղիկը ճիշդ շնչել սովորեց», «Կափիշկա» եւ «Դաւիթ, Հայկ եւ Բազիլիսկուս»:

Որպէս մանկագիր` Նունէ Սարգիսեանը սիրուած հեղինակ է նաեւ Ռուսաստանում եւ Ուքրանիայում: Նրա «Հերոսներ», «Նռան հատիկները» եւ «Թագաւորն ու վիշապը»  գրքերի ռուսերէն թարգմանութիւնը մեծ հաճոյքով կարդում են ռուս եւ ուքրանացի մանուկները:

Image may be NSFW.
Clik here to view.
The-magic-Buttons_0209

«Կախարդական կոճակները» գիրքը առինքնող մի պատմութիւն է, գրուած` պատմելու վարպետութեամբ, վառ երեւակայութեամբ, մանուկների հոգեբանութեան թափանցելով` նրանց հետ մտերմիկ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու ունակութեամբ օժտուած, ստեղծագործ ու տաղանդաւոր մի գրողի կողմից: Գրքի պատմութիւնը հիւսուած է խափանարարութեան ենթարկուած կախարդների եւ վհուկների միջազգային համագումարի շուրջ… Իզզի Պըրթընը համագումարի մասնակից կախարդների եւ վհուկների գաղտնիքները, ներառեալ «Կախարդական կոճակները» գողանալով խուճապ է առաջացնում ամէնուր: Գրքի հերոսուհին Փըրլ անունով մի փոքրիկ աղջիկ է: արդեօք նա կը կարողնա՞յ գտնել գողացուած կոճակները եւ փրկել մեծ հօրն ու բազմաթիւ ուրիշների, որոնց Իզզի Պըրթընը վարակել է «Կապոյտ հիւանդութեամբ»:

Տաղանդաւոր գրող Նունէ Սարգիսեանը գիտի ընթերցողին պահել սպասողական լարուած վիճակում: Չափահաս մարդն անգամ գիրքի որոշ մասերը կարդում է լաւ գրուած լրտեսական վէպի պարտադրած լարուածութեամբ:

Ինչպէս նախորդ գրքերում` այնպէս էլ «Կախարդական կոճակները»-ում, հեղինակը, բացի իր մանուկ ընթերցողների մտքում բարութեան, արդարութեան, ազնուութեան եւ բարեկամութեան հունտեր սերմանելուց, հարստացնում է նաեւ նրանց գիտելիքները: Օրինակ` երբ Փըրլըիզզի Պըրթընին գտնելու նպատակով հասնում է Փարիզի Լուվր թանգարանը, որտեղ վերջինս գնացել էր Մոնա Լիզան գողանալու, Նունէն իր ընթերցողներին կարեւոր ծանօթութիւններէ տալիս Լէոնարտօ Տա Վինչիի եւ Մոնա Լիզայի մասին:

Փըրլը վերջապէս գտնում է Իզզի Պըրթընին եւ համոզում նրան, որ աշխարհում բարեկամութիւնից աւելի լաւ բան չկայ: Երբ աղջնակը Իզզի Պըրթընին ծանօթացնում է իր բարեկամներին, նա առաջին անգամ լինելով ժպտում է, ուրախանում եւ  անդրադառնում, որ իր բոլոր չար արարքները բարեկամ չունենալու հետեւանք են եղել: Ազդուած փոքրիկ աղջկայ վերաբերմունքից` նա կախարդական կոճակները տալիս է Փըրլին:

Նունէ Սարգիսեանը իր հայերէն գրքերով նոր շունչ ու կենսունակութիւն բերեց հայ մանկական գրականութեան, իսկ «Կախարդական կոճակները»-ով յաղթական մուտք գործեց անգլիական գրականութիւնից ներս` որպէս տաղանդաւոր մանկագիր:

Մանուկների նկատմամբ Նունէ Սարգիսեանի ունեցած անսահման սէրն ու գուրգուրանքը գրական վրձինով վարպետօրէն գեղանկարուել են նրա բոլոր գործերում: Նրա պատմութիւնները կարդալիս ընթերցողը երբեմն ունենում է այն խաբկանքը, որ նա ոչ թէ գիրք է կարդում, այլ ըմբոշխնում է վարպետ նկարչի վրձինով շնչաւորուած կախարդական գոյների հմայքը:

Իմ միակ դիտողութիւնը վերաբերւում է գրքի ձեւաւորմանը: Հրատարակիչները կարող էին ընտրել աւելի գրաւիչ տառատեսակ եւ նկարների գոնէ մի մասը տպել գունաւոր:

Լոնտոն, յունուար 2016

Նունէ Սարգիսեանի հայերէն եւ ռուսերէն գրքերը գնելու համար դիմել`
www.foyles.co.uk կայքէջին, իսկ «The Magic Buttons»-ի համարը` www.amazon.co.uk-ին:

 

Անդրադարձ. «Անծանօթ» Բարերարը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

«Ազդակ»-ի (27 յունուար 2016) «50 տարի առաջ» սիւնակի «Երդման արարողութիւն եւ շքանշանի տուչութիւն» խորագիրով յօդուածին մէջ նշուած է, որ` «Ակումբին մէջ Էշրեֆիէի սկաուտներն ու արծուիկները ունին մասնաւոր սենեակ մը, որ յատկապէս կահաւորուած էր եւ այս ձեռնարկը ձեւով մը նաեւ բացումն էր սկաուտական անկիւնին»: Պարտք կը զգամ ՀՄԸՄ-ի «Պիմէն Խնտամեան» սկաուտական սրահին, սենեակին եւ «Ազատամարտ» ակումբի տանիքին եւ բացումին մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ փոխանցել:

«Ազատամարտ» ակումբը ունէր երկու տանիք, առաջինը` ճամբան եզերող միայարկանի սենեակներուն վրայ, ուրկէ կը մտնէինք սրահին պատշգամը, իսկ երկրորդը աւելի բարձր` սրահը ծածկող անգործածելի տանիքը: 1962-1963 տարիներուն որոշուեցաւ սրահին տանիքը օգտագործելի դարձնել սկաուտական շարքերուն համար, որուն համար պէտք էր կառուցել եւ շարունակել մինչեւ տանիք հասնող աստիճաններ եւ ապահով պատերով եզերել տանիքը: Այս շինարարութեան աւարտին, սրտաբուխ կերպով եւ առանց իրեն կատարուած որեւէ դիմումի, ցարդ «անծանօթ» Պիմէն Խնտամեանը անակնկալ կերպով ներկայացաւ ակումբ եւ համեստօրէն առաջարկեց ակումբին տանիքը սկաուտական փոքր սրահի եւ սենեակի մը շինարարութեան համար նուիրատուութիւն կատարել:

Իրականութեան մէջ անծանօթ չէր բարձրահասակ, նիհարակազմ, ջղուտ եւ չարքաշ, բնութեան հետքերը դէմքին վրայ դրոշմուած, միշտ «խաքի» շապիկ ու տաբատ հագած Պիմէն Խնտամեանը: Կը ճանչնայինք եւ կը տեսնէինք զինք իր զինուորականի նման կօշիկով արագընթաց քայլուածքով Էշրեֆիէի փողոցներուն մէջ, սակայն ուրիշ տեղեկութիւն չունէինք իր մասին` անուն, ընտանիք, հասցէ կամ արհեստ-զբաղում: Սակայն վստահաբար զինք բնաւ չէին պատկերացներ իբրեւ հաւանական նուիրատու բարերարի` բաղդատելով այդ օրերու բարերարներու կարծրատիպին հետ, եւ անկեղծօրէն, օրուան պատասխանատուները դրականօրէն անակնկալի մատնուեցան:

Իսկ ո՞վ էր այս բարերարը: 1856-ին Սկիւտար ծնած, պոլսեցի, Առաքել Խնտամեանի անդրանիկ որդին էր ան: Սուլթան Ապտիւլ Համիտի օրով խումբ մը երիտասարդներու հետ Առաքելը թրքական կառավարութեան կողմէ կը ղրկուի Ռուսիա` երկրաչափութիւն ուսանելու: Երեսուն հոգինոց խումբէն 14-ը կը յաջողին, որոնցմէ մին կ՛ըլլայ Առաքել Խնտամեանը` ստանալով երկրաչափի վկայականը: 1895-1903 կը պաշտօնավարէ նախ Երուսաղէմի մէջ, ապա` 1904- ին Պէյրութ եւ յետոյ` 1907-ին Հալէպ: Պոլիս փոխադրուելէ ետք, 1912-ին, իբրեւ գլխաւոր երկրաչափ կ՛ուղարկուի Գոնիա, ուր կը նահատակուի 1914-ին Ա. Աշխարհամարտի յայտարարութենէն քանի մը օր առաջ, երբ ոստիկաններ եկած էին զինք ձերբակալելու եւ աքսորելու իբրեւ ականաւոր հայ մը (տեսնել «Ուիքիփետիա» (https://hy.wikipedia.org/wiki/Առաքել-Խնտամեան):

Երկրաչափի զաւակ Պիմէնը նաեւ նոյն ասպարէզին մէջ` կալուածագրական տեղագիր (թոփոկրաֆ) պաշտօնեայ էր: Իրապէս յաջորդող օրերը փաստեցին, որ ան իսկական ծայրայեղ չարքաշ սկաուտի մը ապրելակերպը իւրացուցած էր եւ գրեթէ բնաւ չէր օգտագործած փոխադրամիջոցներ: Ան իր կեանքի խնայողութեան գլխաւոր բաժինը` 10,000 լիբանանեան ոսկի` այդ օրերուն համար շատ մեծ գումար, նուիրեց ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն` կարեւոր նկատելով անոր առաքելութիւնը (ըստ «Տոլար Թայմզի», այսօր այդ գումարը կը համապատասխանէ շուրջ 26.000 ամերիկեան տոլարի http://www.dollartimes.com/inflation/inflation.php?amount=1&year=1963):

Սրահը եւ մէջի սենեակը շինուած եւ բարերարին անունով վահանակը զետեղուած, կարգը եկած էր մեզի` սկաուտներուս, որպէսզի սենեակը սկաուտական ձեռային աշխատանքներով զարդարէինք: Ահա Պիմէն Խնտամեան սկաուտական աշխատանքներով զարդարուած այս սենեակին բացումը կատարուեցաւ այդ օրը:

28 յունուար 2016

 


Սուրիական Օրագրութիւն 77

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Մեծ գաղափարները մարդկանց մեծացնում, զօրացնում, ազնուացնում են, մի խօսքով, մարդը դառնում է գաղափարական: Բայց դրա համար պէտք է մարդու գլուխը էնքան մեծ ու բանական լինի, որ մի որեւէ մեծ գաղափար նրա մէջ մտնի ու մերուի (ձուլուի, նոյնանայ, համասեռ դառնայ բանի մը հետ – Լ. Մ.):
Դժբախտաբար մեծ մասամբ էդպէս չի լինում, գաղափարը չի մտնում գլխի մէջ, այլ գլուխն է մտնում գաղափարի մէջ…
Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

Մարդիկ ինչպէս որ կապուածութեան մէջ կ՛ըլլան իրերու, վայրերու կամ անձերու, նոյնպէս եւ` գաղափարներու: Բայց որքան որ խոպան ու աղքատիկ է մարդու մտային ու հոգեկան աշխարհը, նոյնքան մանր, խղճուկ, նեղ ու եսական գաղափարներու համար տեղ կ՛ունենան` զգացական ստորին մակարդակի վրայ:

«Լաւ»-ի կամ «գէշ»-ի մեր կաղապարները կը շինենք, անհատաբար թէ հաւաքականօրէն` յենած սերունդէ սերունդ կուտակուած տեսութեանց վրայ: Այդ տեսանկիւնէն կը դիտենք ու կը դատենք մարդերն ու երեւոյթները, պարիսպ կը դնենք ոչ միայն մեր եւ ուրիշներուն միջեւ, այլ մեր իսկ ստեղծած կաղապարին մէջ կը մտնենք եւ անծանօթ կը մնանք կեանքի անվերջ յարափոփոխ ընթացքի իմաստութեան:

Այս պատերազմին այդպիսի մարդոց քով սրեցաւ կամ դիւրութեամբ հող գտաւ  խաւարածին ու շահամէտ քարոզչութիւնը, որ խտրութիւն ու ատելութիւն սերմանեց տեսքով, մտայնութեամբ ու մանաւանդ դաւանանքով տարբերողին հանդէպ:

Որքան ալ պետութիւնը տարբեր ձեւերով ազգերու եւ կրօններու համերաշխութիւն կը քարոզէ (ինչ որ նախապէս կար առանց նման ճիգի), մարդիկ կը շարունակեն նեղ ու մերժողական պատերու մէջ քարանալ, կարծես` որպէս սեփական ինքնութեան պաշտպանութիւն կամ հաստատում: Մասնաւորը չեմ ընդհանրացներ, քանի որ շատ են նաեւ լայնախոհ մարդիկ, նոյնիսկ` ամէնէն խոնարհ խաւերուն մէջ: Բայց միայն անձնական տպաւորութիւններ չէ, որ կը փոխանցեմ, եթէ ըսեմ, որ վերջին տարիներուն նկատելի ու ցաւ պատճառող երեւոյթ է քրիստոնեայ մարդոց դէմ շատերու խուլ, քողարկուած անբարեացակամութիւնը:

Ահա միջադէպ մը, որ դրոշմուեցաւ միտքիս մէջ ու ճիգով հաւասարակշռուող լաւատեսութեանս դառնութիւն խառնեց:

Մեքենաներու երթեւեկութիւնը արգիլուած փողոցէ կ՛անցնէի: Մօտակայ դպրոցէն խումբ մը 10-11 տարեկան տղաք հոն ֆութպոլ խաղալու վրայ էին: Նման պարագաներու ինքս կը զգուշանամ պատահմամբ ծուռ զարնուած գնդակէ: Սակայն այս մէկը բնաւ պատահական չէր: Տղաքը զիս տեսնելով` զիրար կանչեցին, դաւադիր ակնարկներ ըրին, քրքջացին: Զգացի, որ պիտի զարնեն, բայց երթալիք տեղ չունէի, միջոցին կեցած` կը սպասէի հակառակ կողմէն երթեւեկող մեքենաներու դադրիլը: Եւ ահա գնդակը ուժգին թափով անցաւ գլխուս քովէն: Նման հարուած մը անկասկած գետին պիտի տապալէր զիս: Անոնցմէ ոմանք վար առին նայուածքները, ուրիշներ մօտեցան ու հերոսական գործ տեսածի յաղթակա՛ն, ծաղրական հայեացքներով աչքերուս նայեցան. անդրադարձ կը սպասէին: Մանուկներու դէմքերու այդ անմաքուր արտայայտութիւնը ե՛ւ ցաւցնող էր, ե՛ւ նողկալի: Ցաւ` մանկութեան մէջ թունաւորուածներուն համար: Եթէ հարուածը նպատակին հասած ըլլար, ֆիզիքականը աւելին պիտի չըլլար, քան` այդ նենգամէտ նայուածքներուն դէմ իմ զգացած հոգեկան ցաւը: «Պրաւօ՛», ըսի ու ծափեցի: Քրիստոնեայ մարդ մը անցաւ ու «հարա՜մ» մրմնջեց: Անոնք աչքերուս նայելով` կը ժպտէին…

Այդ ժպիտը սեւ կը խառնէ վաղուան հանդէպ իմ լաւատեսութեան, քանի որ անոնք իրենց ետին ունէին աւագներու տրամադրութիւններուն դրոշմը` մանուկ հոգիները եղծող…

***

Յանկարծ կ՛ալիքուի սքանչելի շարական մը, ու մինչ հիացումի մէջ ես, կու գայ անդրադարձը. մահն է, որ իր ամէնօրեայ այցը կատարած` վաղաժամ կամ սպասուած այցելութեան աւարով կը տողանցէ` բօթաբերի դերը տուած Կեանքի ու Լոյսի աղօթքին: Շարականը այս գուժկան դերին մէջ անդրաշխարհի խորհրդաւոր ու մեզի յաւերժաբար անհասանելի ոլորտներ կը փոխադրէ, պահ մը սթափութեան կը հրաւիրէ ու իր բացարձակ տիրապետութեան զգացողութեան տակ կ՛առնէ հոգիները:

Սակայն` «Կեանքն իր ճամբով, մահն` իր» ճշմարտութիւնը հաւանաբար ոչ մէկ տեղ այսքան առարկայօրէն ու որոշ կ՛ընկալուի, որքան մահուան «մեծաքանակ» որսին ակամայ «վարժուած» այս երկրին ու այս քաղաքին մէջ: Խիստ իրատես իմաստութիւն, որ կը սրի մանաւանդ մահուան առատութեան պայմաններուն: Կ՛ըսուի, որ երբ մարդկային խմբաւորումներ կ՛անդրադառնան մահուան անմիջական ու անխուսափելի վտանգին, յաճախ կը նետուին ծայրայեղ զուարճանքներու, հաճոյքներու գիրկը, թէկուզեւ` կարճատեւ պահու մը ծծելու համար կեանքէն այն, որ կը խլուի իրենցմէ: Հալէպը այդ ծայրայեղութիւնը չունեցաւ, սակայն առաւել փարեցաւ կեանքի երակներուն: Պատերազմի առաջին երկու տարիներուն փողոցներուն մէջ լռած էին սիրահար տղոց հոգիներուն կանչ` «նորոյթ» երգերը, որ գիշերային ժամերուն ինքնաշարժէն ի լուր ողջ աշխարհի կը տարածուէին: Մարդիկ կը զգուշանային նոյնիսկ հարսանիքի կամ այլ խրախճանքներ ցուցադրաբար ընելէն, կը յարգէին մերձաւորներուն սուգը: Իսկ սգաւոր էր երկիր մը ամբողջ:

Ապա քիչ-քիչ կեանքը սկսաւ իր իրաւունքները պահանջելու: Արդէն կը խրախճանեն ամէն առիթի ու բարձր երաժշտութեամբ: Կը հիանամ մեր ժողովուրդի, յատկապէս կիներու կենսասիրութեամբ ու կորովով, երբ կեանքը բնականոն շարունակելու աշխատանք կը տանին, յաճախ «կին» կ՛ըլլան, կը գեղեցկանան, ձեռնարկներ կը կազմակերպեն կամ կ՛այցելեն: Նոյնիսկ հեռացածներ նկատողութիւն կ՛ընեն, թէ հալէպցիները հոս «բանէ մը չեն զրկուիր»: Հետաքրքրական հոգեբանութիւն. պիտի ուզէին,  որ, Պարոնեանի ըսածին պէս, Եփրատն ու Տիգրիսը արցունք ըրած` միայն լայի՞նք… Եթէ ամուսնանալու համար սպասէին պատերազմին աւարտը, շատ երիտասարդ զոյգեր պիտի ծերանային, մինչդեռ այսօր նաեւ ծնունդնե՜ր կան Հալէպ…

Ինչպէ՞ս բացատրել այս երեւոյթը: Կ՛ըսեն, թէ մարդ որեւէ վիճակի երեք օրէն կը սկսի վարժուելու: Իսկ մենք հինգ տարի է, որ մահուան թագաւորութեան մէջ ենք եւ կամայ թէ ակամայ իրավիճակին կը համակերպինք, կը «վարժուինք» քանի մը հարիւր մեթր անդին մարդակերներու ներկայութեան, ստէպ տեղացող հրթիռներու եւ հրասանդի ռումբերու (գոնէ ես ասոնց տարբերութիւնը չհասկցայ) աւերածութիւններուն: Պատերազմական վիճակին մէջ մարդու մահը կը դառնայ սովորական: Մինչդեռ մա՛րդ է այս աշխարհէն յաւերժաբար գացողը, մէկու մը հարազատը, սիրելին, անփոխարինելին…

Կենցաղային դժուարութիւնները օրերուն հետ աւելցան, մինչդեռ այլեւս գանգատներ չես լսեր, իսկ տակաւին գանգատողին կը լսեն արդէն ձանձրոյթով:

Համակերպո՛ւմ, երբ որեւէ բան բարեփոխելու կարելիութիւնը քեզմէ դուրս է:

Հեռացի՛ր, եթէ ունիս կարելիութիւն, քանի որ անիմաստ է գանգատիլդ:

Ու կը հալի քաղաքը, ու կը հալի գաղութը, ու թաղեր կը նօսրանան, ու շէնքեր կը պարպուին, ու կարօտի ծուխեր կը բարձրանան սիրելիները օտար երկիրներու պահ տուած` մնացողներուն հոգիներէն, ու քաղաքը կը նմանի… Բայց շատոնց ես զայն ուրուականներու քաղաքի նմանցուցեր եմ ու հիմա նոր պատկեր չեմ կրնար գտնել:

Իսկ տակաւին մնացողները կ՛ոգորեն, Մայր գաղութին աւանդոյթները շարունակել կը փորձեն, նաեւ` կանգուն պահել, ինչ որ ստեղծուած էր հարիւր տարիներու ընթացքին, կը փորձեն մայրենի լեզուի պահպանութեան մեծ օճախին դերը չկորսնցնել, քանի որ բնա՜ւ շատ չեն այդ դերը ստանձնել յաւակնողները…

***

Որքա՜ն հակասական են պատերազմի աւարտի մասին կարծիքները: Խօսքը գիտակներուն է եւ ոչ` զոհերուս, ուր կան անպայման լաւատես մնալ ուզողներ ու ամէն առիթի նոյն խօսքը կը կրկնեն` «Փա՛ռք Աստուծոյ»:  Անդրովկիանոսեան սրտացաւ բարեկամ մը վերջերս հարցուց սովորական «ինչպէ՞ս էք»-ը, ու ես, մեքենայաբար, «Փա՛ռք Աստուծոյ»-ս արտասանեցի: Ան զարմացաւ` «Փառք Աստուծո՞յ…»: Ու այդ հարցական-հեգնական շեշտադրումը արթնցուց զիս. չէ՞ որ անվերջ կասկածներու մէջ եմ, վերջապէս ե՞րբ պիտի ուզեն պատերազմը հոս աւարտել: Դէմ չեմ Աստուծոյ փառքին, սակայն կ՛ուզէի անկեղծ ըլլալ ինքս ինծի հետ ու նաեւ Անոր առջեւ չկեղծել: Ուրիշ բան է, նոյնիսկ ինքնահամոզումով, լաւատեսութիւն խաղալը, ուրիշ բան` անոր համար հիմքեր ունենալը:

Քի՞չ երկիրներ կան, այլեւս ուրի՛շ տեղ թող խաղան: Մի՛ կարծէք, թէ ուրիշներու վատը կը ցանկամ: Պարզապէս կարծիք մը եւս լսեցի, թէ մեր պատժաժամկէտը նախատեսուած եղած է հինգ տարի եւ ահա անիկա լրացաւ: Կամ, եթէ լուրջ խօսիմ, հինգ տարուան քանդումի համար դրամ յատկացուած է, այնպէս որ, տղաքը ուրիշ խաղավայր պիտի ընտրեն… եղեր:

***

Իսկ խաղավայրը տակաւին կը շարունակէ մնալ Արեւելքի կարեւոր բանալիներէն մին` Սուրիան ու մեր բնակավայրերը: Եւ ահա ես կրկին բախտ ունեցայ անոնց նետած «գնդակը» տունիս տանիքին ընդունելու…

Քրիստոս խաչելութեան առջեւ խնդրեց Հօրմէն` «Անցո՛ւր ինձմէ այս գաւաթը»: Ու Ան Աստուած էր, ու Ան անմահ էր… Իսկ մենք` մահկանացուներս, անվերջ կը խմենք դառնութեան գաւաթէն, ու չ՛երեւիր անոր վերջը…

Աղէտը, եթէ յաւերժին չի տանիր զքեզ, նոր իմաստութեամբ մը կ՛օժտէ,  աշխարհընկալումի նոր հայեացք մը կը բանայ, յստակ կը զատորոշուի էականի ու անկարեւորի, յաւերժականի ու անցողիկի զգացողութիւնդ, քնքշութեամբ կը լեցուիս քեզի նման դիւրաբեկ մարդոց հանդէպ: Այլ խօսքով, թէկուզ եւ ժամանակաւոր, փիլիսոփան կ՛արթննայ մէջդ: Բայց այս` աւելի ուշ, իսկ աղէտի անմիջական պահը իւրաքանչիւր անձ կ՛ընդունի իր նկարագիրը պարզելով:

Այսպէս, երկրորդ անգամն է արդէն, որ նախազգացումիս հետեւելով` հարուածը կ՛ընդունիմ փրկութեան համար աստիճաններուն ապաւինելով, առաստաղիս փլատակին տակ չմնալու համար: Հոս է, որ հեռաւոր հարազատ մը ըսաւ` «Սատանային հետ կը խաղաս»: Իսկ միթէ սատանաներ չե՞ն  այս խաղը խաղցողները…

Երանի՜ թէ կարելիութեանս մէջ ըլլար այս խաղը ընդհատելը կամ թիրախ ըլլալէն դադրիլը…

Ուրիշ ի՞նչ պիտի զգայ մարդը, երբ շուրջը կը կործանի ամէն ինչ: Մի՞թէ այդ վայրկեանը մարդուն երկրագունդի կործանումին զգացողութիւնը չի տար, ի՛ր բաժին երկրագունդին. մի՞թէ աւելին պիտի տեսնէր կամ զգար, եթէ  հզօրները խելացնորէին ու մեծագոյն չարիքը իրագործէին:

Եւ այսպէս` ճարճատիւն, դղրդիւն, շէնքերու միջոցէն գահավիժող քարերու, մետաղաբեկորներու, ապակիի ու փոշիի սիւն, ամէն կողմ նետուող, շուրջս թափող քարեր ու ապակիի բեկորներ, ու ես ճնշումէն անզգալաբար պատին գամուած` քիչ-քիչ կ՛արթննամ… կը փորձեմ ճանչնալ ինքզինքս. կը լսեմ` թա՛խ, թա՛խ, թա՛խ ու ապա կ՛անդրադառնամ, թէ ի՛մ փոքրիկ սիրտս է, որ վանդակէն դուրս նետուիլ կը ջանայ… Շէնքին մէջ մէկը լալագին կը պոռայ. ուրիշ մը իր լեզուով անէծքներ կը տեղայ ինծի անծանօթ հասցէի, զոր կրնամ ենթադրել, մինչ երրորդ մը, զոր կը տեսնեմ բացուած դռնէն, աւելը առած` կը սկսի փութաջանօրէն աւլելու յատակին ցանուած բեկորները… Ահա՛ նկարագիրներ:

Ե՞ս… վայրկեաններ պէտք է անցնին, որպէսզի անդրադառնամ, թէ հրթիռ ինկաւ այս շէնքին վրայ, ու ես վերջին յարկին մէջ տուն ունիմ… «Տո՜ւնս…» կը նուամ ու դողդոջ, կթոտող ոտքերով կ՛ելլեմ` դառնալու համար աւերակի թագուհին…

Ապա պիտի յայտնուին ՀՄԸՄ-ի մտահոգ տղաքը` օգնութեան պատրաստ, ապա պիտի հնչեն հեռաձայնները, ու ցնցումէն կիսացնոր պիտի վազես այս ու այն կողմ, լսելու` «Փա՜ռք Աստուծոյ, դուն բան մը չունիս…» ու` «Հոգի՛դ ողջ ըլլայ…»: Ու պէտք է նաեւ հանգստացնես բարեկամներդ` «Այո՜, բան մը չունի՜մ, ո՜ղջ է հոգիս»: Եւ մի՞թէ անիկա մահ ունի. ու սակայն անիկա ծուա՛տ է, բեկուա՛ծ է, ու վհա՛տ…

Ու կամ` երբ ցուրտէն ու ցնցումէն դողահար` հազիւ ոտքի կը կենաս, ոմանք ալ հարցումներ կը տեղան ու մանրամասնե՜ր կ՛ուզեն: Օ՜, բարեկամնե՛ր, իրաւ զգացուած ու համոզուած եմ ձեր ցաւելուն ու մտահոգութեան (Աստուած չընէ, որ նման պարագայի մնաս միայնակ), բայց հոգեկան հարուածի տակ գտնուողին հարցերով ծանրաբեռնելը տեղին չէ, քանի որ ան անկարո՜ղ է նոյնիսկ մարդու պէս միտքերը ժողվել ու բերանը բանալ պատասխանելու…  Ներողամի՛տ եղէք…

Ու նաեւ մարդկային հոգեբանական նոր շերտեր պիտի ճանչնաս, երբ ծանօթներ զքեզ մխիթարելու համար իրենց ալ տուներու մէջ պատահածը կը պատմեն, կարծես մրցումի մտնէին, թէ որո՛ւ աղէտը մեծ էր…

Ապա պիտի յաջորդէ Միտքին իշխանութիւնը: Իրողութիւնը ընդունած ու անկարողութեանդ մէջ, իբրեւ ինքնապաշտպանութիւն, պիտի դառնաս անտարբեր տունիդ մէջ իշխող քաոսին, քար ու աղբի շեղջերուն տակ ծածկուած կահոյքին վրայ տեղացող անձրեւին, ցուրտին ու աղտոտութեան մէջ անյայտ ժամանակով մնալուդ հանդէպ ու պիտի ըսես վերջապէս` «Փա՛ռք Աստուծոյ, ողջ եմ, ի՛նչ կ՛ուզէ թո՛ղ ըլլայ…»:

 

 

Քանատան` Փրկութեան Լաստ, Կամ` Աւազախրում

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

«Քանատա կայք հաստատելու առիթը պէտք չէ վերածել նորաձեւութեան, «մոտա»-ի հետեւելու հեւքոտ ճիգի, աւելին` արկածախնդրական ծրագիրի մը»։

Սուրիոյ տագնապին առթած անկայունութիւնը իր մեծ անդրադարձը ունեցաւ հայկական կազմակերպ գաղութին վրայ` շատերը մղելով, որ գաղթեն կամ ծրագրեն գաղթել հարեւան երկիրներ կամ աւելի հեռաւոր ափեր, այս պարագային` արեւմտեան երկիրներ:

Խորհրդածութիւններուս առանցքը պիտի չըլլայ` իրաւացիութիւնը քննել նմանօրինակ ճակատագրական քայլի մը ու անոր անդրադարձը Սուրիոյ գաղութային իրավիճակին վրայ: Այդ մէկը կարելի պիտի ըլլայ քննել առանձին յօդուածով մը:

Զանց պիտի առնեմ իմ մտածումներուս մէջէն նաեւ բոլոր այն վարկածները, որոնք կը շօշափեն ուղղորդուած գաղթ կազմակերպելու կարելիութիւնները կամ գաղթականներ հիւրընկալող երկիրներու միջեւ բաղդատականներ ընելը եւ պիտի կեդրոնանամ առաւելաբար Քանատան որպէս ընտրանք եւ կարելիութիւն տեսնելու շատերու բաղձանքին եւ կամ արդէն իսկ իրականացած ընտրութեան վրայ:

Քանատայի կառավարութեան գաղթականներ ընդունելու այս օրերու երեւոյթը` պատերազմական եւ քաղաքական անկայունութենէ տառապող երկիրներէ, նորութիւն մը չէ, ոչ ալ `յատուկ միջոցառում: Պարագայաբար, տարիներու վրայ երկարած, Քանատան իր իրերայաջորդ կառավարութիւններով 100 տոկոս միջոցներով ընդունած է գաղթականներ` Սոմալիայէն, Վիեթնամէն, Սրիլանքայէն, Պոսնիայէն, Եգիպտոսէն, Լիբանանէն եւ զանազան երկիրներէ:

Այս օրերու քանատական կառավարութեան կիրարկած` Սուրիայէն գաղթականներ ընդունելու միջոցները կը բաժնուին հիմնական երկու ենթաբաժանումներու: Մին ուղղակի կառավարութեան խնամատարութիւնը եւ նիւթական հոգածութիւնը վայելող գաղթականներն են, միւսը` անձնական երաշխաւորութեամբ գաղթականներու շերտը, որոնք կ՛երաշխաւորուին քանատական կազմակերպութիւններու եւ անհատ քաղաքացիներու փոխադարձ պայմանաւորուածութեամբ:

Երկրորդի պարագային, երաշխաւորող կողմը պատասխանատու կը մնայ եկուոր գաղթականին հանդէպ լման մէկ տարի` անոր մատուցելով ծառայութիւններ, որոնք կը հեշտացնեն ենթակային կայքը Քանատայի տարածքին: Հետեւաբար երաշխաւորող կողմերու դերակատարութիւնը շատ կենսական է եւ երբեմն` ճակատագրական ու երբե՛ք «ձեւական» չէ, ինչպէս շատեր կը կարծեն:

Այս ձեւաչափերով Քանատա հասնող հայորդիները մեծ մասամբ կը վայելեն իրենց հարազատներու, հարեւաններու, բարեկամներու եւ հայկական հաստատութիւններու ու եկեղեցիներու նեցուկը, որ երբեմն սահմանափակ չափերով կը ներկայանայ` համեմատած նոր եկուորներու ծով կարիքներուն:

Պէտք է ընդգծել, որ քանատական կառավարութեան ընձեռած գաղթի պայմաններու «առատաձեռնութիւնը», որ իր ձեւին մէջ «կակուղ» եւ կամ աւելի ճիշդ է ըսել` «թոյլ» կը ներկայանայ, պատճառ կը հանդիսանայ, որ շատեր առաւել քաջալերուին այս «արկածախնդրութեան» դիմելու` կորսնցնելիք բան չունենալու հոգեբանութեամբ: Իրաւացի կը թուին ըլլալ նմանօրինակ մտածողները, որովհետեւ, իրօք, Հալէպէն Պէյրութ երթեւեկը աւելի արկածախնդրութիւն եւ նիւթական պարտաւորութիւն կ՛ենթադրէ, քան` Քանատա հասնիլը: Երեւակայեցէ՛ք, որքա՜ն ուշագրաւ եւ քաշողական առիթ կը թուի ըլլալ առաջարկ մը, ուր զերօ ամ. տոլար ծախսով, ընտանեկան բոլոր պարագաներովդ կրնաս հասնիլ երկիր մը, ուր ժամանած վայրկեանէդ սկսեալ քեզի պիտի շնորհուի լիիրաւ քաղաքացիի կարգավիճակ, բժշկական լման հոգատարութիւն` ի հարկին, ուսումնական ձրի ծառայութիւններ եւ նոյնիսկ, կարգ մը պարագաներու, դեռատի զաւակներուն նիւթական կոկիկ օժանդակութիւն:

Շատեր ճամբայ կ՛ելլեն պատերազմական թէժ մթնոլորտէն հեռանալու դիտաւորութեամբ` ապաստանելով աւելի ապահով երկինքի մը տակ, ուր իրենց զաւակներուն կը սպասեն աւելի ձեռնտու պայմաններ` համեմատած իրենց տեսած 5 տարիներու վրայ երկարած աննախանձելի կեանքին: Ոմանք ալ Աւետեաց երկրի մէջ էլտորատօ գտնելու չփախցուելիք առիթին փաթթուելու սին հեռանկարով կը հասնին այս ափունքը: Բայց ի՜նչ ալ ըլլան սպասումներն ու յոյզերը եւ գաղթի այլազան մեկնակէտերը, պէտք է ուշադիր ըլլալ, որ գաղթի որոշումը չվերածուի արկածախնդրական մէկ քայլի կամ «Լաւագոյն տղոց օտար ափերուն բախտ որոնելու» ոդիսականի:

Արեւմտեան երկիրներու մէջ կենցաղային պայմաններու շռայլութիւնը շատ ուշագրաւ երեւոյթ է, ուր ջուրն ու ելեկտրականութիւնը չեն ընդհատուիր, ապահովական-պատերազմական տագնապ գոյութիւն չունի, սակայն գոյ են կենցաղային, բնակարանային, կլիմայական, մշակութային այնպիսի ծանր պայմաններ, որոնց կարելի պիտի ըլլայ հանդուրժել ու տանելի դարձնել` քանի մը անհրաժեշտ նախադրեալներ ապահովելու պարագային միայն: Արդ`

1.- Գաղթող ընտանիքը կամ անհատը պէտք է ունենայ բաւարար նիւթական խնայողութիւն, որ կ՛երաշխաւորէ իր կենցաղային անհրաժեշտ կարիքներու բաւարարումը առաջին ամիսներու ընթացքին:

2.- Տեղական լեզուի քաջածանօթ ըլլալը կրնայ մեղմացնել մշակութային ցնցումը: Մշակութային ցնցումը իր ծանր անդրադարձը կ՛ունենայ նոր գաղթականի հոգեկան վիճակին վրայ` ծնունդ տալով տուայտող ներաշխարհի, զայն մղելով իր անձի կարողականութեան հանդէպ անվստահութեան, ենթական մատնելով անճրկած իրավիճակներու: Այս տիպի դժուարութեան տեսակը նուազագոյնն է կա՛մ Լիբանանի, կա՛մ Հայաստանի մէջ հաստատուողներու պարագային, տրուած ըլլալով, որ արաբական եւ հայկական մշակութային եւ կենցաղային պայմանները շատ ալ հեռու չեն սուրիահայուն վարժութիւններէն ու սովորութիւններէն, ի մասնաւորի` լեզուի պարագան:

3.- Զինք ընդունող ու առաջին ամիսներու անհրաժեշտ կարիքներուն ցուցմունք ու նեցուկ կանգնող մօտիկ պարագայի մը ներկայութիւնը, որուն երբեմն պիտի սահմանուի երաշխաւոր կողմի դերակատարութիւն հասկացողութիւնը:

Ի տես քանատական իրականութեան այս օրերու զարգացումներուն ու գետնի վրայ պարզուող կացութեան` դէմ յանդիման կը գտնուինք հետեւեալ պատկերներուն:

Պատկեր Առաջին – Բնակարանի Փնտռտուք

Մեթրոփոլիթեն քաղաքներու մէջ, ինչպիսիք են Թորոնթոն կամ Մոնրէալը, տուն վարձելը ունի իր նախապայմանները, սկսած` սենեակներու թիւէն, որ պէտք է համընկնի ընտանեկան անդամներու թիւին: Երկրորդ` պէտք է ունենաս կայուն, մնայուն գործ, որ տանտէրը ունենայ այն ապաւէնը, թէ դուն ապահով յաճախորդ ես: Կամ ալ պէտք է ունենաս երաշխաւոր, որ կրնայ ստորագրել խնդրոյ առարկայ անձին փոխարէն` ներկայացնելով բաւարար ելեւմուտի ապաւէնի փաստաթուղթ: Ասոնց վրայ պէտք է գումարել կարգ մը իրաւացի նախասիրութիւններ, երբ եկուոր հայորդիները կը փափաքին տուն ունենալ հայկական եկեղեցիներու եւ ակումբներու մերձակայ շրջանի մէջ` վայելելու ջերմութիւնը այդ հաստատութիւններուն ու պահելու այն գողտրիկ վաղեմի հալէպեան վարժութիւնը ազգային հաստատութիւն-հայորդի մտերմիկ անքակտելի կապին:

Պատկեր Երկրորդ-Ուսումնական Հաստատութեան Փնտռտուք

Վարժարանը պէտք է ըլլայ վարձած տանդ մօտիկ, որպէսզի աշխատող ծնողը առիթը ունենայ դեռատի զաւակը հասցնելով` արագ մը ուղղուելու գործի: Պատահած է, որ բոլոր պետական վարժարանները, որոնք կը գտնուին հայութեամբ հոծ շրջաններու մէջ, օրէնքով սահմանուած աշակերտներու առաւելագոյն թիւը ապահոված ըլլալով` մերժած են ընդունիլ նորեկները: Ծնողներ հարկադրաբար դիմած են աւելի հեռաւոր վայրերու մէջ գտնուող վարժարաններ, որոնք թէ՛ հեռաւորութեան իմաստով, թէ՛ ուսումնական մակարդակով այդքան ալ նախանձելի չեն:

Հայկական վարժարանները նոյնանման կացութեան մատնուեցան, եւ պատասխանատու մարմիններ եւ դպրոցի տնօրէնութիւններ իրենց առաւելագոյնը ըրին պարփակելու համար առաւելագոյն չափով սուրիահայ նոր աշակերտներ` յատկացնելով նիւթական ուշագրաւ նպաստներ: Սակայն տեղի եւ դասարաններու թիւի սահմանափակումի օրէնքները պարտադրեցին, որ յաւելեալ նոր դիմողներու փափաքին չընդառաջուի:

Պատկեր Երրորդ-Գործի Կարելիութիւններ

Փափաքելի է, որ գաղթողը նախօրօք պատկերացում մը ունենայ Քանատայի գործի եւ արհեստներու կարելիութիւններուն մասին: Այդ մէկը կարելի է իրականացնել բարեկամներէ հաւաքուած տեղեկութիւններով, եւ աւելի վաւերականը`  համացանցի ճամբով կատարուած գործի եւ արհեստներու որոնումով, ուր աւելի լայն տեղեկութիւններ քաղելով ու շօշափելով տեղական շուկայի պէտքերը` կարելի պիտի ըլլայ ուղղորդել առնուելիք քայլերը գետնի վրայ: Արդ, կարելի է պատրաստել Սի. Վի. (Resume) եւ դիմել տուեալ հաստատութիւններուն` նախքան Քանատա հասնիլը:

Քանատայի տարածքին ի գործ դրուած հայ ազգային գաղութային բոլոր ճիգերը, ըլլան անոնք միութենական թէ կրօնական, նոյնիսկ անհատական նախաձեռնութիւնները ի մտի ունին բոլոր եկուորներուն, անխտի՛ր, բարւոք ու պատուաբեր կեանքի նոր ընթացքը հեշտացնել:

Առկայ աննպաստ պայմաններուն առընթեր, քանատական կառավարութեան կողմէ պարտադրուած ու իրականացուած սեղմ ժամկէտով հոծ թիւով եկուորներ պարփակելու պարագան ստեղծեց կրկնակի դժուարութիւններ: Գաղութային ուժերու լարումով ու փոխադարձ համագործակցութեամբ, նոր ժամանած հայորդիներու եւ ազգային կառոյցներու ջանքերով, միասնական ճիգերով կը փորձուի մեղմացնել ստեղծուած անհամար խոչընդոտները ու հնարաւորինս կարգաւորել հաւանական դժուարութիւնները:

Վերջապէս, հասկնալով ու յարգելով հանդերձ բոլոր եկուորներուն պարագաները, պէտք է ընդգծել, որ Քանատա կայք հաստատելու առիթը պէտք չէ վերածել նորաձեւութեան, «մոտա»-ի հետեւելու հեւքոտ ճիգի, աւելին` արկածախնդրական ծրագիրի մը: Նոր բացուելիք հորիզոնները, եթէ չզուգորդուին չափուած-ձեւուած նուազագոյն պայմաններու գոյաւորումով, կայանալիք նախաձեռնութիւնը կրնայ շատ արագ վերածուիլ ձախաւերութեան` յուսախաբութեան մատնելով ամբողջ ընտանիքի մը երազները:

Անձրեւէն փախչելով կարկուտի բռնուելու իրավիճակին չմատնուելու համար, մնալով հեռու աւազախրման մը հաւանական իրավիճակներէ, հարկաւոր է, որ գաղթել փափաքողները շատ հանդարտ կշռոյթով դիմեն նման քայլերու՝ ապահովելով նուազագոյն առարկայական կռուանները, որոնք մասամբ միայն կ՛երաշխաւորեն իրենց հեզասահ կեցութիւնը Նոր Աշխարհի տարածքին:

 

 

 

 

 

Նոր Ժամանակներու Մեծ Քահանայապետը Լսողներ Պիտի Ունենա՞յ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Չմոռնանք երբեք, որ իրաւ իշխանութիւնը
ծառայութիւնն է:
……….
Երբ ուտելիք մը կը թափեմ, կարծէք զայն
կը գողնամ աղքատի սեղանէն, անկէ, որ անօթի է:

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊ

Մեծ քահանայապետը`  Ֆրանչիսկոս պապը:

Image may be NSFW.
Clik here to view.
pape-francois_0209
Լսողները` բոլոր կրօններու հետեւորդները, նաեւ` քաղաքական մարդիկ, կուսակցութիւններ, դրամատէրեր, մտաւորականներ, համեստներ: Ես, դուն, ան, մենք: Պիոս ԺԱ. պապը խօսած էր դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան մասին, բայց նոյնիսկ անոր դէմ պայքարողները (իրաւ կամ կեղծ) չէին լսած: Այս ութսուն տարեկան արտակարգ պապը, մեզի ծանօթ` իր քաջ վերաբերումով, Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման 100-ամեակին առիթով Հռոմի Ս. Պետրոս տաճարի կամարներուն տակ աշխարհին յիշեցուց, որ ժողովուրդ մը բնաջնջման ենթարկուած է իր բազմադարեան հայրենիքին մէջ եւ` զայն կորսնցուցած: Ըսած էր առանց մսկոտութեան եւ ճապկումի, զորս կուշտերը կը կոչեն դիւանագիտութիւն եւ կը լռեն:

Ան Պորճիաներու ժառանգ չէ, ոչ ալ` ժամանակակից դիրքապաշտ «մեծ»-երու: Երբ Պուէնոս Այրեսի ծիրանաւոր եպիսկոպոս էր, ժողովուրդի զաւակներուն պէս հանրակառքով կը տեղափոխուէր, այս կամ այն մակնիշով կառք չունէր, ո՛չ վարորդ, ո՛չ թիկնապահ: Երբ առանց կանխակալ եւ ստրուկի կարծիքի մեր շուրջը պտտցնենք մեր հայեացքը, պիտի տեսնենք, որ ժողովուրդի ծառայութեան կոչուածներ ճոխութեան մէջ կ’ապրին եւ զայն կը կողոպտեն, որ համատարած երեւոյթ է, փտախտ, որուն օտար բառը դարձած է միջազգային, կոռուպցիա (corruption): Եթէ հրաշքով կարելի ըլլար զուիցերիական դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներուն եւ անոնց տէրերուն ցանկը հրապարակել, մարդոց աչքի կապանքները կը վերցուէին, եւ երազ ժողովրդավարութիւն ու արդարութիւն կ’իրականանային:

Իր նոր գիրքին մէջ Հռոմի քահանայապետը կը խօսի կոռուպցիայի մասին, զոր կը դասէ մեղքերու շարքին, որ դարձած է համակարգ` կառավարման համակարգ, բացայայտ կամ ճապկումներով թաքնուած: Ըստ իրեն, կարեկցանքը (compassion) պէտք է որ կարենայ յաղթել անտարբերութեան համաշխարհայնացումը: Կ’ըսէ, որ ողորմածութիւնը (miséricorde) հաւատացեալին պորտաքարն է, որ կը նշանակէ բացուիլ դէպի միւսը: 20-րդ դարու իմաստասէր մը չէ՞ր ըսած, որ` «Ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է» (Ռընէ լը Սեն):

Ասկէ առաջ արտայայտուած եմ այս մեծհոգի քահանայապետի մասին:

Բառերը բաւարար չեն մարդը ճանչնալու եւ կացութիւնները ըմբռնելու, եթէ բացակայի օրինակի արժէքը: Բառը յաճախ կը խաբէ: Իրադարձութիւն մը մտածելու պէտք է մղէ ոչ միայն ընթերցողը, որ անպայման մեծերու շրջանակին մէջ չէ, այլ նաեւ` մեծերը, որոնք ժողովուրդը կը դարձնեն ասպանդակ ձիու թամբին վրայ նստելու համար: Դէպքին պատահմամբ հանդիպեցայ համացանցի եթերին մէջ: Լուսանկարներ եւ քանի մը տող:

Էսթեպլիշմընթ-նոմանքլաթուրան գերանցող գերիրապաշտ պատկերներ:

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Pope-Francis_0209

Image may be NSFW.
Clik here to view.
1b16ea4b0549e61d5a0f6a70670061a6
Սրբազան քահանայապետը, Վատիկանի բանուորներուն հետ, կէսօրին, ճաշարանի մը առջեւ հերթի կանգնած է, ափսէն ձեռքին, ընտրած է, ինչ որ կ’ուզէր ուտել, բոլոր բանուորներուն պէս, անոնց հետ գացած եւ նստած է երկար սեղանի մը առջեւ: Յիշեցնենք, որ մերժած էր բնակիլ պապական յարկաբաժնին մէջ, բոլոր կրօնականներուն պէս` վանական սենեակով մը գոհացած: Երբ Միացեալ Նահանգներ գնաց, պզտիկ Ֆիաթ ինքնաշարժով մը շրջեցաւ, ոչ զրահապատ եւ հսկայ կառքով:

Խօսքի եւ քարոզի կենդանի օրինակ:

Վաճառատան մը գիրքերու բաժնի սեղանին վրայ տեսայ քահանայապետին գիրքը, կողքին վրայ` իր ձեռագիրը: Հայերէն թարգմանութիւնը ապահովաբար չկայ: Մաղթելի պիտի ըլլար, որ որակաւոր թարգմանութեամբ անիկա լոյս տեսնէր: Ֆրանսերէնը սեղանիս վրայ է եւ ուզեցի պատկերներէ կամ մէջբերումներէ անդին` ծանօթանալ ժամանակակից ընկերութեան ցաւին վկայ պապի միտքերուն եւ զանոնք լսելի դարձնել, աղմուկէ, կարգախօսներէ եւ մակերեսայնութենէ անդին: Մտածեցի, որ իրաւ մեծը (առաջնորդը) մեծ կ’ըլլայ պարզութեան եւ համեստութեան մէջ: Հսկայ Մահաթմա Կանտին ապարանքի մէջ չէր բնակեր, երբ ճամբորդէր, «ժաքուզի»-ով սենեակ չէր ուզեր, հիւրընկալներուն չէր հարցներ, թէ գիշերը ո՞ր հաճելի վայրը պիտի երթան:

Իտալացի լրագրող Անտրէա Դորնիէլլիի հետ զրոյցը ամփոփուած է գիրքի մը մէջ, զոր լոյս ընծայած են ութսունվեց երկիրներ: Էական հարցեր կ’արծարծուին: Մարդիկ կրնան մեղանչել կամ ընդունիլ ստրկութիւնը` վախնալով ազատութենէն: Այս միտքի լոյսին մէջ կրնա՞նք դիտել մենք մեզ եւ մեր ժամանակակիցները, հայ, ֆրանսացի, ամերիկացի, չին, թուրք, քիւրտ, եւ բոլոր միւսները:

Լրագրողին հետ չորս ժամ տեւած զրոյցը ինը գլուխներով տեղ գտած է գիրքին մէջ: Լրագրողը քառասուն հարցումներ ուղղած է սրբազան պապին, որոնց առանցքին կը գտնուի աստուածային կարեկցանքը, որ «Աստուծոյ անցագիրն է», ինչպէս տարազած է ինք` քահանայապետը: Ինչ որ ըսուած է, սոսկ կրօնական չէ, այլ` համամարդկային բարոյական, եթէ դեռ նման բանի հաւատացող կայ: Զրոյցի ընթացքին կը լսենք պապին երիտասարդական եւ քահանայագործութեան ժամանակաշրջանի փորձի վկայութիւնները:

Երբ կը խօսի խոստովանանքի մասին, կ’ըսէ, թէ անիկա ո՛չ մաքրագործում է ո՛չ ալ չարչարանք: Անիկա պէտք է որ հիմնուած ըլլայ լսումի վրայ եւ չըլլայ հարցաքննութիւն: Ինչ որ այսօր կը պակսի ժամանակակից ընկերութեան, այն է, որ զանազան բնոյթի եւ մակարդակի «էսթեպլիշմընթները չեն լսեր, իշխանութեան եւ անփոխարինելիութեան ետին թաքնուած` կոռուպցիան կը վերածեն համակարգի: Մեծ հաւատացեալ ըլլալու կարիք չկայ հասկնալու համար, որ Աստուծոյ տրամաբանութիւնը սիրոյ տրամաբանութիւն է: Ֆրանսացի մեծ գրող Անտրէ Ժիտ չէ՞ր ըսած, որ` «Աշխարհի մեծագոյն կարիքը սէրն է եւ վստահութիւնը»:

Լրագրող Անտրէա Դորնիէլլի Ֆրանչիսկոս պապին քարոզը լսելու ընթացքին, մտածած է անոր ուղղել հարցումներ` ողորմածութեան եւ ներման մասին, խորացնելու համար անոր կողմէ այդ բառերուն տրուած իմաստը, որպէս մարդ եւ որպէս քահանայ, յստակացնելու համար եկեղեցիին դիմագիծը` ընկերութիւնը յուզող խնդիրներուն նկատմամբ: Առաջարկը ընդունուած է: Զրոյցը սկսած է Վատիկանի Ս. Մարթա տան մէջ, ուր կը բնակի պապը, Կեդրոնական Ամերիկայէն վերադարձէն քանի մը օր ետք: Լրագրողի ներածական խօսքն է. «… որպէսզի շնորհը կարենայ ազդել եւ ողորմածութիւնը տրուիլ, ըստ Եկեղեցիի մը փորձին, որ ինքզինք չի տեսներ ինչպէս մաքսատուն, այլ կը փնտռէ բոլոր ճանապարհները` ներելու համար»:

Գիրքին ընթերցումը կատարեցի ոչ թէ կրօնական զգացումէ մը տարուած, այլ` մեր ժամանակի դիմաւորած բարդ հարցերուն մարդկայնական լուսաւորում մը փնտռելու համար: Մեր օրերու իմաստունի մը հետ հանդիպելու տրամադրութիւն, զոր կ’ուզեմ բաժնել` յուսալով, որ գէթ պահ մը դուրս կու գանք անհատապաշտութեան ինքնապարտադրուած զսպաշապիկէն:

Ողորմածութիւնը, այսինքն` անյիշաչարութիւնը, առանցքն է պապի մտածումին: Կ’ըսէ. «Յիսուս ըսաւ, որ Ինք չէր եկած արդարներուն համար, այլ` մեղաւորներուն: Ան չէր եկած  անոնց համար որ առողջ էին եւ բժիշկի պէտք չունէին, այլ հիւանդներու: Կրնանք ըսել, որ ողորմածութիւնը մեր Աստուծոյն անցագիրն է» (էջ 29):

Խիստ հետաքրքրական է հետեւեալ մարդկայնական պատումը, որմէ կրնանք ներշնչուիլ ամէնօրեայ քէներու եւ մրցակցութիւններու ընթացքին. «Ոչ ոք կրնայ, երկար ժամանակի ընթացքին, մեծ կամ պզտիկ սխալներէ խուսափիլ: Այսուհանդերձ, ինչպէս կ’ըսէր սուրբ Ֆրանսուա տը Սալ, եթէ պզտիկ էշ մը ունիս, եւ որ կը սահի սալաքարերուն վրայ եւ կ’իյնայ, ի՞նչ պէտք է ընես: Զայն պիտի չծեծես գաւազանի հարուածներով, ան արդէն այդ վիճակին մէջ բաւարար չափով դժբախտ է: Պէտք է բռնես իր լկամէն եւ ըսես. «Արդ, շարունակենք մեր ճամբան: Սկսինք քալել, դուն աւելի ուշադիր պիտի ըլլաս յաջորդ անգամ’» (էջ 35): Արդարեւ, ամէնուրեք, առաջին առիթով իսկ կը մտածենք պատժելու մասին: Կը մոռնանք, որ պատիժը կամ դիտողութիւնը պէտք է ձգտին լաւին, ըլլան դաստիարակիչ, ոչ թէ ամրացնեն իշխանութիւն կամ հեղինակութիւն, նպաստեն շահերու պաշտպանութեան:

Ժամանակակիցներս անմիջականօրէն հետաքրքրող հարցում մը կ’ուղղէ լրագրողը. «Ըստ ձեզի, ինչո՞ւ մարդկութիւնը, այսօր, մեր ժամանակին մէջ, այնքան կարիք ունի ողորմածութեան»: Այսինքն` անյիշաչարութեան, ներել գիտնալու:

Ֆրանչիսկոս պապը իրեն յատուկ պարզութեամբ կը պատասխանէ. «Քանի որ մարդկութիւնը վիրաւոր է, մարդկութիւն մը, որ խոր վէրքեր ունի: Ան չի գիտեր ինչպէս զանոնք խնամել, կամ կը խորհի, որ այդ անկարելի է: Չկան միայն ընկերային հիւանդութիւններ, թշուառութեան պատճառով վիրաւորներ, ընկերային մերժումներ` այս երրորդ հազարամեակի ստրկութեան բազմաթիւ ձեւերով: Յարաբերականութիւնը նաեւ կը վիրաւորէ. կը թուի, թէ ամէն բան նոյն կարեւորութինը ունի: Այս մարդկութիւնը կարիք ունի ողորմածութեան» (էջ 37):

Image may be NSFW.
Clik here to view.
10583782_764130630317623_74849738850305943_n
Image may be NSFW.
Clik here to view.
imrs_0209
Սրբազան պապը կ’անդրադառնայ մեր փակ ընկերութեան. «Մարդիկ մասնաւորաբար կը փնտռեն մէկը, որ զիրենք լսէ: Որ` տրամադիր ըլլայ, ժամանակ տրամադրէ լսելու իրենց ողբերգութիւնները եւ դժուարութիւնները: Ինչ որ ես կը կոչեմ «ականջի առաքելութիւն», եւ այս կարեւոր է: Շատ կարեւոր» (էջ 39):

Անշուշտ պապին խօսքը եւ մտածումները ազնիւ կրօնական բնոյթ ունին: Բայց ընթերցողը, որ ես եմ, հոն կը գտնեմ մեր աշխարհիկ կեանքը լուսաւորող իմաստութիւն: Կը յանձնարարէ. «… ես կը կրկնեմ յաճախ, դուրս գալ: Դուրս գալ եկեղեցիներէն եւ ծուխերէն (մտածել ըսուածի մասին, կրնանք ըսել մեր քաղաքէն, թաղէն, միութիւններէն, կուսակցութիւններէն, ակումբներէն, Յ.Պ.), դուրս գալ եւ երթալ, գտնել մարդիկը հոն, ուր անոնք կ’ապրին, ուր կը տառապին, ուր կը յուսան» (էջ 74): Այս եթէ կատարուի, ընկերութիւնը կ’ըլլայ աւելի խաղաղ եւ արդար: Կարդալ եւ մտածել` ըսուածին մասին: Իմաստութիւնը սահմանափակում չունի, եւ թերեւս կարելի կ’ըլլայ յաղթահարել «Մարդը մարդուն գայլն է» Հոպզեան յոռետեսութիւնը:

Այս արտակարգ իմաստունը կ’ըսէ նաեւ. «Ոչ ոք անարդարութեան մասին կրնայ խօսիլ, եթէ չմտածէ այն անարդարութիւններուն մասին զորս ինք գործած է Աստուծոյ առջեւ (այսինքն` իր խիղճին առջեւ, Յ.Պ.): Մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք մեր ծագումները, ցեխը, ուրկէ հանուած ենք, եւ այդ կարեւոր է ամէնէն առաջ անոնց համար, որոնք Աստուծոյ կը ծառայեն» (ընդգծ. Յ.Պ.): Ծառայելու կոչուածներուն, այսինքն` «ղեկավարներուն»: Կը յիշէ աւետարանիչին տուած օրինակը, «Ան կը նկարագրէ կեցուածքը անոնց, որոնք ուրիշներու կը պարտադրեն ծանր բեռներ, մինչ իրենք իրենց ճկոյթն անգամ չեն բարձրացներ, կ’ուզեն, որ զիրենք կոչեն «Տէր» (էջ 89): Այս մտածումը եթէ փոխադրենք մեր կեանքին եւ ընկերութեան մէջ, կ’ըլլանք աւելի արդար, եւ յարգանքը կը դադրի ձեւականութիւն ըլլալէ:

Կը լսե՞ն այս պապը, որ կ’ըսէ. «Ներումի մերժումը, «Ակն ընդ ական»-ի եւ «ատամն ընդ ատաման»-ի օրէնքը կը սպառնայ սնուցանել անվերջանալի հակամարտութիւններու ոլորագիծը» (էջ 99):

Արդիական եւ անմիջական է քահանայապետին դատումը ընկերութեան ժամանակակից ախտին հանդէպ, որ փտախտն է, «կոռուպցիա»-ն, (corruption): Կ’ըսէ. «Փտախտը այն մեղքն է, որ փոխանակ ճանչցուելու որպէս այդպիսին եւ համեստ դարձնելու` վերածուած է համակարգի, մտային սովորութեան մը, ապրելու ոճի մը: Ներման եւ ողորմածութեան պահանջ չենք զգար, մենք մեզ կ’արդարացնենք եւ կ’արդարացնենք մեր վերաբերումները» (էջ 101-102): Նոյնիսկ գիրք մը գրած է այս մասին. «ԲՈՒԺԵԼ ՓՏԱԽՏԸ» (1991-ին, ֆրանսերէն թարգմանութիւնը` 2014-ին): Նաեւ` «Փտախտի մէջ եղողը (կոռումպացուածը, Հայաստան ընդունուած բառով), կը թաքցնէ այն, ինչ որ կը համարէ իր գանձը, որ զինք կը դարձնէ ստրուկ, եւ իր ախտը կը ծածկէ լաւ կրթութեան մը ջնարակով, ընելով այնպէս, որ երեւոյթները պահպանուին» (էջ 103):

Այս քահանայապետը յանդգնութեամբ կը քննադատէ ժամանակակից ընկերութիւնը կրծող փտախտը: Այս պարբերութիւնը կ’արժէ շրջանակի մէջ առնել եւ պատէն կախել հանրային վայրերու եւ պաշտօնատուներու մէջ.

«Փտախտը (կոռուպցիան, corruption) գործ չէ, վիճակ է, անձնական վիճակ, որուն մէջ ապրելու սովորութիւն է: Փտախտի մէջ եղող անձը այնքան բանտարկուած կ’ըլլայ իր ինքնագոհութեան մէջ, անկէ գոհ, որ ոչ մէկ բանէ եւ ոչ ոքէ կ’ազդուի: Ան կառուցած է խարդախութեան վերաբերումներու վրայ հիմնուած ինքնագնահատում մը. իր կեանքը կ’անցընէ պատեհապաշտութեան կողմնակի ճամբաներու վրայ` ի գին իր անհատական եւ ուրիշներու արժանաւորութեան: Ապականածը միշտ ունի մէկու դէմքը, որ կ’ըսէ. «Ես չեմ, ինքն է, որ այդ ըրած է» (էջ 104):

Եւ կը նկարագրէ տիպարը, որ կը բողոքէ թէ` «իր դրամապանակը գողցած են, որ` փողոցներուն մէջ անապահովութիւն կայ, որ` կը կողոպտէ պետութիւնը տուրքէ խուսափելով, կամ գործէ կ’արձակէ իր պաշտօնեաները երեք ամիսը անգամ մը, որպէսզի անոնց հետ անորոշ ժամանակով համաձայնագիր չկնքէ, կամ` զանոնք աշխատցնելով առանց պետութեան մօտ յայտարարելու, որ անոնք իր աշխատաւորներն են: Թերեւս ամէն կիրակի պատարագի ալ ներկայ կ’ըլլայ եւ ինքզինք կը գովէ իր հերոսութիւններուն համար եւ իր հանգամանքը կը շահագործէ կաշառք ստանալու համար: Փտախտը կորսնցնել կու տայ ամօթի զգացումը, որ իր կարգին կը ծածկէ ճշմարտութիւնը, բարութիւնը, գեղեցիկը… Յաճախ փտախտի մէջ եղողը չ’անդրադառնար իր վիճակին, անոր պէս, որ կ’անգիտանայ, թէ իր շունչը կը հոտի» (էջ 104-105)…

Մեր շրջապատը եւ մենք մեզ ճանչնալու որակաւորման դաս: Լսել եւ թափանցուիլ պէտք է գիտնալ եւ ապա կանգ չառնել… Այս զրոյցին կրօնական եւ աստուածաբանական մեկնաբանութիւնները կրնան ընել ուրիշներ: Իմ ընթերցումս կատարեցի ընկերութեան տագնապներուն առնչուող մտահոգութիւններով:

Բանուորներու ճաշարան գացող քահանայապետի պատկերը եթէ կախենք նախարարութիւններու եւ արքայական կամ նախագահական, եպիսկոպոսական կամ մեծ ընկերութիւններու պաշտօնատուներուն մէջ, կը ներշնչուինք «օրինակի արժէք»-ի մարդկայնացնող լոյսէն: Այս տիրացուական քարոզ չէ:

Այդ լոյսը կարեւոր է այսօր, երբ տագնապները համաշխարհայնացած են…

1 փետրուար 2016,  Նուազի-լը-Կրան

Բարի Լոյս 18. Նոյնքան Գաղափարական, Այժմէական Եւ Օրինակելի

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Մեր իրականութեան եւ միջավայրին մէջ յաճախ կը խօսինք հայ ուսանողութեան դերակատարութեան եւ այդ ուսանողութենէն մեր ակնկալիքներուն եւ սպասումներուն մասին: Երբեմն նաեւ հաւաքականութիւններ իրենց արժեւորումներուն եւ պահանջներուն մէջ կը դառնան իտէալական եւ չբաւարարուող, որովհետեւ ամէն նորարարութիւն, բարեփոխում եւ կառուցողական մօտեցում մի՛շտ ալ նախ եւ առաջ կ՛ակնկալեն ուսանողութենէն` մոռնալով շատ յաճախ այս իմաստով նաեւ իրենց վերապահուած դերակատարութիւնը նոյն այդ ուսանողութեան նկատմամբ: Այս բոլորը պէտք է նկատել բնական, որովհետեւ ուսանողութիւնը մի՛շտ ալ ջահակիրը դարձած է հաւաքականութեան մը ընկերային, գաղափարական եւ մշակութային կեանքի թարմացման ու յառաջընթացին:

Շատ աւելին կը սպասուի բնականաբար քաղաքական, յեղափոխական եւ գաղափարական մեծ աւանդ ունեցող կուսակցութեան մը ուսանողական կառոյցէն, միաւորէն եւ միութենէն: Այստեղ ակնկալութիւնները կը բազմապատկուին, սպասելիքները կը դառնան բաւականին պատկառելի եւ ուսանողութեան դերն ու նշանակութիւնը կը դառնան աւելի շեշտադրուած: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ուսանողութեան դերն ու նշանակութիւնը ընկալած եւ իւրացուցած է շատոնց` իր հիմնադրութեան օրերէն: Փաստօրէն, կուսակցութեան ծնունդը նաեւ արգասիքն է հայոց պատմութեան այդ ժամանակահատուածի ուսանողական գաղափարական երկունքին` հայ կեանքին մէջ շարժում յառաջացնելու, հայութեան ճակատագիրը յեղաշրջելու անոր ցուցաբերած հաստատակամութեան:

Զաւարեան ուսանողական միութիւնը այս իմաստով արժանավայել եւ դաշնակցականավայել կերպով ստանձնած է իրեն վիճակուած առաքելութիւնը իր հիմնադրութեան օրերէն իսկ: Աւելի քան 110 տարիներու կենսափորձ նուաճած այս միութիւնը լիբանանահայ գաղութի եւ ընդհանրապէս հայութեան ապրած բոլոր դարձակէտային հանգրուաններուն ունեցած է իր վճռորոշ դերակատարութիւնը: Դաշնակցական գաղափարական հենքին վրայ հաստատօրէն կանգնած` փորձած է ինքզինք վերաթարմացնել, վերանորոգել`ամրօրէն կառչած իր արմատներուն եւ համահունչ կերպով քայլ պահելով ժամանակակից պահանջներուն ու պայմաններուն հետ: Լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման հոլովոյթին մէջ ան դրած է իր իւրայատուկ կնիքն ու դրոշմը, ներարկած է նոր մթնոլորտ, ոգի  եւ աւիւն, պայքարած է ամէն տեսակի տեղատուութեանց ու նահանջի մատնող երեւոյթներու դէմ, հայեցի դիմագիծի անաղարտ պահպանումը դարձուցած է իր գործունէութեան հիմնական առանցք, պայքարած է այլասերման ամէն տեսակի ախտավարակ երեւոյթներու դէմ, խարազանած է այն բոլոր սովորամոլութիւնները, որոնք կը վնասեն հայ մարդու արժանապատուութեան, եւ աւելի՛ն, միշտ մնացած է պահանջատէր իր ղեկավարութենէն եւ երբեք չէ արտօնած, որ իր խօսքը անտեսուի: Այո՛, բնական է, որ կարգ մը պարագաներու իր կեցուածքներուն եւ հայեացքներուն մէջ դարձած է անհասկնալի, երբեմն դրսեւորած ծայրայեղութիւն, բայց ինքնաբերաբար շատ արագ կատարած է անցում, սրբագրած ինքզինք, այս մէկը դարձուցած լայն փորձառութիւն եւ շուտով վերագտած իր հարազատ հունը: Ան յաջողած է մնայուն կերպով նոր որակ ներարկել մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ: Արդարօրէն ու անվախօրէն փոխանցած է պատգամներ, արդարօրէն ստեղծած է ապրող ու կենսաւորող նշանախօսքեր, քննադատած է բարձրաձայն, բայց մի՛շտ ալ պահած է դաշնակցական ուսանողի իր վսեմ պատկերը եւ նկարագիրը, յանձնառու մնացած իր խօսքին, անկեղծ ու անկաշառ եղած` իր համոզումներուն մէջ:

Անցնող շաբթուան ընթացքին քանի մը համեստ, բայց որակական նոր մտասեւեռումով  ու ուսանողական խոյանքով նախաձեռնութիւններ անգամ մը եւս լուսարձակի տակ բերին Զաւարեան ուսանողական միութեան անուրանալի դերն ու նշանակութիւնը, որոնց կ՛արժէ անդրադառնալ ոչ թէ գնահատանքի առումով միայն, այլ նաեւ այդ ստեղծագործ ճիգն ու ոգին խորացնելու, այդ մթնոլորտով համակելու աւելի մեծ թիւով ուսանողներ, զանոնք նաեւ նոյն նպատակներուն հաղորդակից դարձնելու եւ օգտաշատ գործին զինուորագրելու առումով:

ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարական հիմունքներու վերարծարծման, ներկայ միջազգային ապագաղափարականացնող յորձանուտին մէջ ինքնավստահ պայքարի նոր թափով հանդէս գալու, գաղափարական քննարկման առողջ միջավայր ստեղծելու Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպած կլոր սեղանը, այդ առիթով արդիական ու ժամանակակից արհեստագիտութեան կարելութիւններու լիիրաւ օգտագործումով մեր գաղափարական համոզումները, ըմբռնումները եւ հարուստ հանգանակը օտարներուն նաեւ հասանելի դարձնող տեսահոլովակի պատրաստութիւնը եւ այս բոլորին զուգահեռ զաւարեանականներու գրաւոր եւ բանաւոր մամուլով տուած բացատրութիւններն ու արժեւորումները արժանի են ուշադրութեան եւ գնահատանքի: Այս բոլորը ուսանողական նոր երկունքի մը նախանշանները կ՛ուրուագծեն գաղութին մէջ: Քանի մը օր ետք Zomtalks ծրագիրի սկիզբը, որուն ծանօթացանք ընկերային ցանցերու վրայ ուսանողական եւ ժամանակակից հարցերու ներկայացման եւ քննարկման օրինակելի հարթակ մը կը ստեղծէ անտարակոյս: Այս ծրագիրը վստահաբար պիտի նպաստէ նախ եւ առաջ իւրաքանչիւր մասնակից ուսանողի, որ իր մասնագիտութեամբ խորացնէ ու պայծառացնէ իր ընկերներու տուեալ մարզի գիտելիքները: Նիւթի պատրաստութեան եւ ներկայացման առիթով ան ձեռք պիտի բերէ փորձառութիւն եւ ինքնավստահութիւն` կիսելով իր մտածումները այլոց հետ` ընդարձակէ իր մտատեսադաշտն ու գիտութեան հորիզոնը: Աւելի՛ն` այս նիւթերու հայկականացումը եւ օրակարգի վերածումը օգտակար փորձ մըն է գաղութի մտաւորական երիտասարդ նոր ներուժի ստեղծման համար: Առաջին հանդիպումի ստեղծած խանդավառութիւնը կը պարտաւորեցնէ ԶՈՄ-ականները ապահովելու այս ծրագիրի շարունակականութիւնը:

Վարձքերնիդ կատար, բայց, այո՛, մի՛ զարմանաք, եթէ ձեզմէ մի՛շտ աւելին ակնկալուի…

Բարի երթ…

 

Բուն Բարեկենդան` Հոգեւոր Ճանապարհորդութեան Հրաւէր

ԽՈՐԷՆ ՔՀՆՅ. ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ

Պահքը բարեպաշտական ապրելակերպի հետ սերտօրէն առնչուած է: Կիրքը սանձելու, կամքը զօրացնելու, հոգեւոր ներաշխարհին ուշադրութիւն դարձնելու եւ վերանորոգ թափով զԱստուած պաշտելու համար ազդու դերակատարութիւն ունի պահեցողութիւնը: Մեծ պահքը պատեհ առիթն է աղօթքով, խոկումով եւ բարի գործերով ապրելու ապաշխարութիւնը եւ զայն արտայայտելու առօրեայով, փոխյարաբերական կեանքով ու մանաւանդ` Քրիստոսի յարութեան տօնը արժանաւորապէս դիմաւորելու նպատակով:

Մեծ պահքի առաջին կիրակին կը կոչուի Բուն Բարեկենդան: Բարեկենդան` ըսել է բարի կենդանութիւն: Այս կիրակին կը ներկայացնէ մարդուն դրախտային երանական վիճակը, ուր կ՛ապրէր խաղաղ, ուրախ եւ աստուածակեդրոն կեանք մը` արդարութեամբ եւ սրբութեամբ յատկանշուած: Բուն Բարեկենդանի նախորդող օրը` շաբաթ երեկոյեան, խորանի վարագոյրը կը ծածկուի որպէս խորհրդանիշ Ադամին դրախտէն հեռու մնալուն: Մեղքին պատճառով մարդը անջատուեցաւ Աստուծոյ անմիջական ներկայութենէն. Ադամ անհնազանդ գտնուելով` մերժեց ընթանալ պատուիրաններուն փրկարար ուղիէն, փոխարէնը չարին խաբեբայ խօսքերուն հետեւելով` ենթարկուեցաւ բարոյական անկումի: Եսայի մարգարէն ժողովուրդին մեղքերուն ակնարկելով` կ՛ըսէ. «Բայց ձեր ու ձեր Աստուծոյն միջեւ բաժանումը ձգողը ձեր անօրէնութիւնները եղան: Ձեր մեղքերը Անոր երեսը ձեզմէ ծածկեցին, որ չլսէ» (Ես. 59.2): Այս իրողութեան հարազատ նկարագրութիւնն է փակուած խորանը, որ կը յուշէ մեղքին կանգնեցուցած պատնէշը, որով մարդը աստուածամերժ ընթացքով, եսակեդրոն վարքով եւ անիրաւութեան անձնատուր ըլլալով` հեռացաւ դէպի կեանք տանող ճանապարհէն, ահա թէ ինչո՛ւ հոգեւորապէս մեռած համարուեցաւ, ինչպէս առաքեալը կ՛ըսէ. «Անցեալին դուք հոգեւորապէս մեռած էիք ձեր յանցանքներուն եւ մեղքերուն պատճառով» (Եփ. 2.1): Եկեղեցւոյ հայրերէն սուրբ Աթանաս Աղեքսանդրացի կ՛ըսէ. «Լաւ կ՛ըլլար, որ մարդ արարածը չծնէր, քան ծնէր եւ կորուստի մատնուէր»: Այսինքն մարդ արարածը իր իսկ կամքով ընտրեց չարը, պատուիրանազանց եղաւ եւ մահուան դատապարտուեցաւ:

Հայ եկեղեցին Բարեկենդանի կիրակիին շարականներու ճամբով մատնացոյց կ՛ընէ մարդուն ուրախալի հոգեվիճակը, երբ «դրախտի փափկութիւնը» կը վայելէր, հրեշտակներուն հետ միասին Տիրոջ փառքը կը հիւսէր եւ առատ օրհնութեամբ անկողոպտելի զարդերով կը զարդարէր: Սակայն մեղքին ազդեցութեան ներքեւ մնալով` մարդը կորսնցուց աստուածատուր բարիքները: Աստուծոյ հետ իր ունեցած անքակտելի հաղորդակցութիւնը խզուեցաւ, եւ մարդը մեղքին դատավճիռը ստացաւ: Պահքը, աղօթքն ու ողորմութիւնը զիրար կը համալրեն, անոնց շնորհիւ` մարդը իրողապէս կը կոչուի «աղը եւ լոյսը» իր շրջապատին, դառնալով ընտիր Աստուծոյ աչքին: Պատահական չէ, երբ մեր Տէրը լերան քարոզին մէջ յատուկ կերպով անդրադարձաւ այս մասին (Հմմտ. Մտ. 6): Բարեկենդանի խորհուրդին ընդմէջէն Աստուծոյ պատրաստած յաւիտենական երջանկութիւնը եւ անանցանելի բարութիւնը սրտանց ցանկալու կոչն է, որ կ՛ուղղուի մեզմէ իւրաքանչիւրին: Հաւատքի կեանքը արժեւորելու համար հարկ է հետեւիլ Մեծ պահոց կիրակիներու խորհուրդին, այդպէս կարելի է Քրիստոսի հետքերով ընթանալ:

Կանչուած ենք պատուիրանապահութեամբ, ուխտապահութեամբ մեղքը մերժելու տրամադրութեամբ քալել Մեծ պահքի լուսաւոր ճանապարհէն` յարութեան տեսիլքով զՔրիստոս փառաւորելու:

Դրախտային կեանքը օրհնութեան, անմեղութեան, համերաշխութեան եւ երջանկութեան տիրական ներկայութիւնն է: Մարդը բուսակեր էր սկզբնական շրջանին, նոյնիսկ անկումէն ետք տէր Աստուած մարդուն ըսաւ` «Դաշտին խոտը կ՛ուտես» (Ծնն. 3.18): Աստուածաշունչը կը վկայէ, թէ առաջին անգամ ջրհեղեղէն ետք Աստուած թոյլատրեց Նոյին եւ իր որդիներուն, որ միս ուտեն, ըսելով. «Ամէն շարժուն կենդանի թող ձեզի կերակուր ըլլայ, ամէնը ձեզի բանջարի պէս թուի» (Ծնն. 9.3): Հաւանաբար դրախտային վիճակին դառնալու կերպերէն է կենդանական արտադրութիւններ պարունակող կերակուրներէն հրաժարիլը, ահա թէ ինչո՛ւ պահք պահողը բուսական սննդեղէն կ՛օգտագործէ:

Հետեւաբար, եկէ՛ք, մասնակցինք հոգեւոր ճանապարհորդութեան, անցնինք Մեծ պահքի սրբաշող ուղիէն, ահա այն ատեն լոյսի աղբիւրը` Քրիստոս պիտի արժանացնէ մեզ «լոյսի եւ ցերեկի որդիներ» ըլլալու կոչումին:

 

 

2015-ին Բնակչութիւնը Նուազել Է 12 Հազարով. Հայաստանի Տնտեսութեան Պատկերը

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Tatul Hagopian11
ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Անցնող տարուայ ընթացքում Հայաստանի բնակչութիւնը, ըստ պաշտօնական տուեալների, նուազել է շուրջ 12 հազարով: Արտագաղթի չափն աւելին էր: Բարեբախտաբար Հայաստանում աւելի շատ ծնւում են, քան` մահանում, եւ միայն դրա շնորհիւ է, որ նուազման թիւը կազմել է 12 հազար: Երբ մարդիկ շարունակում են հեռանալ հայրենիքից, դա նշանակում է, որ Հայաստանում տնտեսական եւ ընկերային խնդիրներ կան: Իսկ մարդիկ հեռանում են առաջին հերթին այն պատճառով, որ տնտեսական վիճակը բարւոք չէ: Ուշադրութիւն դարձրէ՛ք. Հայաստանից 1991-ից ի վեր արտագաղթ չի եղել միայն 2004-2006 թուականներին, երբ Հայաստանը գրանցում էր երկնիշ տնտեսական աճ: Այդ երեք տարիներին Հայաստանի բնակչութիւնը աւելացել է մօտ 30 հազարով:

Ինչպիսի՞ն էր Հայաստանի տնտեսութիւնը 2015-ին:

Հայաստանի հիմնական գործընկեր երկրում` Ռուսաստանում, 2015-ին տնտեսական անկումը շարունակուեց: Համաշխարհային շուկայում պղնձի գները անկում ապրեցին մօտ 30 տոկոսով, ինչը եւս լուրջ հարուած էր Հայաստանի արտահանման հիմնական ուղղութեան` մետաղական հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին: 2015-ի յունուարին Հայաստանն անդամակցեց Եւրասիական տնտեսական միութեանը (ԵՏՄ): Սպասումները, որ մաքսային այս տարածքին եւ 180 միլիոնանոց շուկային անդամակցութիւնից Հայաստանը տնտեսական օգուտներ կ՛ունենայ, 2015-ին չարդարացան: Ռուսաստանի հետ Հայաստանի առեւտրաշրջանառութիւնը նուազեց 14 տոկոսով: Նուազեց թէ՛ արտահանումը` մօտ 30 տոկոսով, թէ՛ ներմուծումը` մօտ 10 տոկոսով:

ԵՏՄ անդամ Պիելոռուսիայի հետ Հայաստանի արտաքին առեւտրաշրջանառութիւնը աւելացել է միայն 2 տոկոսով եւ կազմել 40 միլիոն տոլար: Շատ աւելի փոքր է Հայաստանի եւ Ղազախստանի հետ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալը, ընդամէնը` 5 միլիոն տոլար:

ԵՏՄ անդամակցութիւնից չաւելացաւ նաեւ այդ միութիւնից ներդրումների հոսքը Հայաստան: Ռուսաստանից ընդհանուր ներդրումները կրճատուեցին 2,7 անգամ, իսկ ուղղակի ներդրումները` 3,4 անգամ: Ղազախստանի հետ ներդրումային գործարքներ չեն եղել ընդհանրապէս, իսկ Պիելոռուսիայից Հայաստանի տնտեսութեան իրական հատուածում կատարուած ընդհանուր ներդրումների զուտ հոսքը բացասական է, այսինքն տեղի է ունեցել դրամագլխի արտահոսք Հայաստանից դէպի Պիելոռուսիա:

Չնայած պաշտօնական վիճակագրութեանը եւ ներկայացուող տնտեսական աճին` մի շարք տուեալներ ցոյց են տալիս, որ 2015-ին կեանքը Հայաստանում ոչ թէ բարելաւուել է, այլ` վատթարացել: Այսպէս, մանրածախ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները նուազել են շուրջ 7 տոկոսով, իսկ մարդկանց դրամատնային խնայողութիւնները չեն աւելացել, այսինքն Հայաստանի բնակիչները 2015-ին աւելի քիչ են վաստակել եւ աւելի քիչ են ծախսել: Երկրորդ, ներմուծումը նուազել է աւելի քան 25 տոկոսով, ինչը եւս ցուցիչ է նրա, որ բնակչութեան գնողունակութիւնը անկում է ապրել: Հայաստանում այսօր աղքատ է մօտ 900 հազար մարդ:

Հայաստանի տնտեսական վիճակը շատ աւելի վատ կը լինէր, եթէ տարին այնքան բարեբեր չլինէր: Անկախութիւնից ի վեր 2015-ը եղաւ երկրի ամէնից բերքառատ տարիներից: Այսպիսով, 2015-ին Հայաստանի տնտեսութեան շարժիչը դարձաւ գիւղատնտեսութիւնը: Չնայած միջազգային շուկայում մետաղների գնանկմանը, Հայաստանը աճ գրանցեց նաեւ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտում, քանի որ շահագործման է յանձնուել Թեղուտի պղնձի  հանքավայրը: Հայաստանը արտահանում է պղինձ, մոլիպտեն, ոսկի, սեւ երկաթ: Քաջարանում գտնուող Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարանը շարունակում է մնալ Հայաստանի տնտեսութեան եւ արտահանման հսկան:

Անակնկալ էր այն, որ 2015-ին Հայաստանում աճ չարձանագրեց զբօսաշրջութիւնը: Շատերն ակնկալում էին, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը առիթ կը լինի, որ աւելի շատ զբօսաշրջիկներ գան Հայաստան: Այսպէս չեղաւ: Շինարարութիւնը, որ 2000-ականներին Հայաստանի տնտեսութեան շարժիչն էր եւ երկնիշ տնտեսութիւն ապահովող ճիւղը, 2015-ին անկում ապրեց մօտ 3 տոկոսով:

2015-ին, ի տարբերութիւն ԵՏՄ անդամ միւս երկրների, ինչպէս նաեւ` հարեւան Վրաստանի ու Ազրպէյճանի, Հայաստանի արժոյթը` դրամը, մնաց կայուն` արձանագրելով միայն փոքր արժեզրկում:

Հայաստանի պետական պարտքը 4,7 միլիառ տոլար էր, որից արտաքին պարտքը 4 միլիառ տոլար: Արդէն պարզ է, որ Հայաստանի պետական պարտքը կ՛աւելանայ նաեւ 2016-ին, քանի որ պետական պիւտճէի կատարման համար ներգրաւուելու են դրսի փողեր: Այս տարուայ վերջին Հայաստանի պետական պարտքը կը հասնի 5,6 միլիառի:

2015-ին կարեւորագոյն տնտեսական իրադարձութիւնը Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր (ՀԵՑ) ընկերութեան վաճառքն էր: Այն ձեռք բերեց այսօրուայ դրութեամբ աշխարհում ամենահարուստ հային` ռուսաստանաբնակ միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանին պատկանող Տաշիր ընկերութիւնների խումբը: Տարուայ կարեւոր իրադարձութիւններից էր նաեւ այն, որ ֆրանսական «Օրանժ» ընկերութիւնը հեռացաւ Հայաստանից: «Օրանժ»-ի հեռացումը, անկասկած, վատ ազդակ էր օտարերկրեայ ներդրողների համար: Միւս կողմից, վերջապէս Հայաստան մտաւ ֆրանսական «Քարֆուր»-ը:

Հայաստանի տնտեսական ցուցանիշները, հաշուի առնելով համաշխարհային շուկայի իրավիճակը, չի կարելի համարել շատ վատ: Ցաւալին այն է, որ չի դադարում արտագաղթը: Ինչպէս նշեցինք, այս տարի Հայաստանի բնակչութիւնը պակասել է եւս 12 հազարով: 1991-ի անկախութիւնից ի վեր առաջին անգամ Հայաստանում գրանցուած բնակչութեան թիւը 3 միլիոնից նուազ է: Իրականում, Հայաստանի առկայ բնակչութիւնը 2,8 միլիոն է` ըստ պաշտօնական տուեալների: Ոչ պաշտօնական տուեալներով Հայաստանի բնակչութեան իրական թիւը հաւանաբար աւելի նուազ է, գուցէ` 2,5 միլիոնի սահմաններում: Փաստօրէն, այսօր Հայաստանում ապրում է մօտ այնքան մարդ, որքան 1970-ական թուականներին Խորհրդային Հայաստանում:

 

 

Համախմբման Հրամայականը

ՍՊԱՐՏԱԿ ՍԷՅՐԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ

Կայ աշխարհի բոլոր բանակներից հզօր մի բան. դա գաղափարն է, որի ժամանակը եկել է:
ՎԻՔԹՈՐ ՀԻՒԿՕ

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Spartak-Seyranyan-021116
Սահմանադրական հանրաքուէից յետոյ երկիրը մտել է որակապէս նոր փուլ. Հայաստանի Հանրապետութիւնը անցում է կատարում կառավարման խորհրդարանական համակարգի: Ըստ էութեան, մենք գտնւում ենք անցումային փուլում, եւ այսօրուայ շատ գործընթացներ պայմանաւորուած են հէնց այդ` անցումային փուլին բնորոշ յատկանիշներով: Երկրի ու հասարակութեան զարգացման նոր ծրագիր առաջ բերելու, այն իրականացնելու հնարաւորութիւնը կախուած է բազմաթիւ գործօններից, տարաբնոյթ, յաճախ` իրարամերժ միտումներից:

Բնական ու տրամաբանական է, որ հասարակութեան մէջ տիրապետում է դրական եւ որակական փոփոխութիւնների ակնկալիքը, դրանք արագ տեսնելու սպասումը: Սահմանադրական փոփոխութիւններն այդ առումով անհրաժեշտ հիմք են, ստեղծուել են բոլոր նախադրեալները զուտ քաղաքական եւ օրէնսդրական առումներով: Բայց այդ փոփոխութիւնները դեռ բաւարար չեն երկրի առջեւ ծառացած բազմաթիւ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար: Այդ փոփոխութիւնները պէտք է վերածուեն գործուն ծրագրերի:

Ահա այստեղ է բարդութիւնը, քանզի անհնար է հին գործիքներով, հին մեթոդաբանութեամբ լուծել նոր խնդիրներ: Անհնար է ընդհանրապէս գտնել որեւէ լուրջ հիմնախնդրի արդիւնաւէտ լուծում` մնալով այն մակարդակում, որում այդ հիմնախնդիրն առաջացել է: Այլ կերպ ասած, ունենք առկայ եւ գալիք հիմնախնդիրներին համարժէք լինելու` որակապէս համապատասխանելու պարտադրանք: Նման իրավիճակում ամենավտանգաւորը իներցիոն մօտեցումն է, իներցիոն պահուածքը, որը, ցաւօք, այսօր դրսեւորւում է թէ՛ քաղաքական դաշտում` իր իշխանական եւ ընդդիմադիր հատուածներով, թէ հասարակութեան մէջ: Կայ պատրանք, որ առաջացած նոր իրավիճակում հնարաւոր է արդիւնաւէտ լուծումներ գտնել` կիրառելով հին մեթոդաբանութիւնը, հին մեքանիզմները, հին մարդուժի զինանոցը: Համակարգային հիմնախնդիրները հնարաւոր է արդիւնաւէտ լուծել միայն համակարգային փոփոխութիւնների, այսինքն` համակարգի անխտիր բոլոր բաղադրիչների որակական վերափոխման ճանապարհով:

Պատկերացրէք իրավիճակ. ձեր համակարգիչը սկսել է վատ աշխատել` դանդաղում է, պարբերաբար «կախւում» է, ծրագրերը չեն բացւում, հակավիրուսը չի գործում եւ այլն: Նման իրավիճակում որքան էլ համակարգիչը վերագործարկէք` «ռիսթարթ» անէք, ոչինչ չի փոխուելու: Միակ տարբերակը համակարգիչը վերաբեռնել` «ֆորմաթ» անելն է: Բայց դրանից յետոյ անհրաժեշտ է ներբեռնել նոր ծրագրեր, նորացուած գործիքակազմ եւ, բնականաբար, ունենալ այդ նոր ծրագրերի իմացութիւն, նոր գործիքակազմը կիրառելու հմտութիւն:

Սահմանադրական փոփոխութիւնները, պատկերաւոր ասած, ֆորմաթի ենթարկեցին պետական կառավարման համակարգը: Հիմա ժամանակն է համակարգը ներբեռնել նոր` իրավիճակին համարժէք, իրատեսական, իրագործելի գաղափարներով, ծրագրերով, մեթոդաբանութեամբ: Խելայեղ արագութիւնների ու յարաճուն փոփոխութիւնների մեր ժամանակներում ցանկացած համակարգ արագ հնանում է, իսկ մարտահրաւէրները` թարմանում: Նման դէպքում էական է կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութեան հիմնախնդիրը, քանզի խնդիրներն աւելի քիչ ու դանդաղ են լուծւում, քան դրանք առաջանում են:

Հետեւաբար անհրաժեշտ է որդեգրել հիմնախնդիրների լուծման նորարար մօտեցում, անհրաժեշտ են հիմնախնդիրների կառավարման մասնագէտներ, որակական փոփոխութիւն անելու համար պահանջւում է բոլորովին այլ կարգի մտածելակերպ: Արեւելեան մի ասոյթ կայ. բոլոր զօրավարները պատրաստւում են անցած պատերազմին: Հասարակութեան կենսագործունէութեան բոլոր ոլորտների համար նոր ծրագրեր են անհրաժեշտ` պարտադիր ու խստօրէն պահպանուող ժամանակացոյցով, յստակ պատասխանատուներով, հաշուետուութեան յստակ մեքանիզմներով, միջանկեալ արդիւնքների յստակ սահմանումով:

Անշուշտ հասկանալի է, որ այդ փոփոխութիւնները պէտք է իրականանան սահուն, մտածուած ու կշռադատուած ժամանակացոյցով, քանզի վատ աշխատող համակարգը գերադասելի է ընդհանրապէս չաշխատողից կամ էլ համակարգի բացակայութիւնից: Անշուշտ անցումային փուլերում հարկաւոր է զգուշ լինել, չվտանգել պետական կառավարման համակարգի ներքին կայունութիւնը: Սակայն միանշանակ է. ցանկացած համակարգի, իսկ պետական կառավարման համակարգի պարագայում` յատկապէս, կայունութեան գրաւականը զարգացումն է: Չի կարող կայուն եւ անվտանգ լինել մի համակարգ, որը չի զարգանում:  Աւելի՛ն. ներքին ու արտաքին ազդակների ու մարտահրաւէրների կողմից պարտադրուած արագութեամբ չի զարգանում: Եւ զարգացման չափորոշիչները լոկ ընկերային-տնտեսական ցուցանիշները չեն, չափանիշը որակականն է` նորացումը, ընդ որում` շարունակական նորացումը, պետութեան ու հասարակութեան կենսագործունէութեան անխտիր բոլոր բնագաւառներում ժամանակի հրամայականներին ու մարտահրաւէրներին համարժէք պատասխաններ ունենալը:

Բանաձեւը շատ յստակ է. համակարգի կայունութիւնն ու զարգացումը պայմանաւորուած են ժամանակի թելադրած արտաքին ազդակների ու մարտահրաւէրների բազմազանութեանը ներքին պատասխանների համարժէք բազմազանութեամբ հակակշռելու համակարգի կարողականութեամբ: Բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներ ու լուրջ հիմնախնդիրներ ունեցել են, ունեն եւ ունենալու են բոլոր երկրներն ու հասարակութիւնները: Խնդիրը հիմնախնդիրներին դիմակայելու, դրանք արդիւնաւէտ լուծելու պետութեան եւ հասարակութեան կարողականութիւնն է: Սա է պետութեան` որպէս գործիքի, արդիւնաւէտութեան չափորոշիչը: Սա է հասարակութեան` որպէս հաւաքականութեան, սեփական կեանքը տնօրինելու, ներքին դիմադրականութիւնը զարգացնելու, ներքին հնարաւորութիւնները հզօրացնելու կարողականութեան չափորոշիչը: Որեւէ հասարակութեան զարգացուածութեան չափորոշիչը միայն մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը չէ, կամ` կրթական համապատասխան մակարդակ ունեցող մարդկանց քանակը, դա նախ եւ առաջ ազգային, պետական, հասարակական հիմնախնդիրների ձեւակերպման կարողականութիւնն է, դրանց քաղաքական լուծման տարբերակների մշակումը:

Ճիշդ է, երբ ասում ենք, որ սահմանադրական փոփոխութիւններով մենք կ՛ունենանք նոր որակի իշխանութիւն: Բայց այդ փոփոխութիւնները հասարակական-քաղաքական դաշտի միայն իշխանական հատուածին չեն վերաբերում: Չի կարող միասնական համակարգի մի հատուածը փոխուել, նորանալ, արդիականանալ, իսկ միւսը` ոչ: Համակարգը ամբողջական է եւ արդիւնաւէտ, եթէ այն ունի նոյն նպատակը` երկրի անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովման հրամայականը, հասարակութեան զարգացումը, առկայ ընկերային-տնտեսական հիմնախնդիրների լուծումը, ժողովրդի կենսամակարդակի բարձրացումը, մարդու իրաւունքների ու ազատութիւնների երաշխաւորումը, անհատի ստեղծագործական կարողութիւնների դրսեւորման համար բոլոր պայմանների ստեղծումը, եւ այլն: Եւ ամենակարեւորը` հասարակութեան կազմակերպումը նշուած նպատակին հասնելու համար:

Իշխանութիւն-ընդդիմութիւն միասնական եւ պատասխանատու պետական կառավարման համակարգ ձեւաւորելու անհրաժեշտութեան մասին, նոր քաղաքական մշակոյթի մասին է խօսքը: Հետեւաբար նաեւ հասարակական-քաղաքական կեանքի որակապէս նոր համակեցութեան ձեւաւորման անհրաժեշտութիւն կայ: Ի՞նչ է լինելու այս կամ այն ուժի կամ անհատի քաղաքական ապագան, առաջիկայում ո՞ր քաղաքական ուժը ի՛նչ մասնաբաժին կ՛ունենայ ձեւաւորուելիք նոր խորհրդարանում կամ կառավարութիւնում, ու նմանօրինակ հարցերը զուրկ են բովանդակութիւնից, քանի դեռ դրանք չեն դիտարկւում երկրի ու հասարակութեան զարգացման տեսլականի ներքոյ: Էական չէ, թէ քանի կուսակցութիւն կայ Հայաստանում` երկո՞ւ, թէ՞ հարիւր: Կարեւոր է, որ նրանք բոլորն ունենան նոյն նպատակը եւ մրցակցեն այդ նոյն նպատակին հասնելու ճանապարհների, մեթոդների, առաջնահերթութիւնների ու շեշտադրումների շուրջ: Երկրին ու ժողովրդին պէտք են նոր ու արդիւնաւէտ, յստակ ու իրագործելի ծրագրեր, թէկուզ` կոշտ ու ոչ այնքան հաճելի լուծումներ, եւ ոչ թէ` զգայացունց  ելոյթներ, բարի ցանկութիւններ, տեքլարաթիւ հայրենասիրութիւն, քաղքենու կամ ամբոխի ականջը շոյող խօսքեր, երկիրը մի քանի ամսում դրախտի վերածելու մասին անկապ նախընտրական խոստումներ, մի քանի հոգով պարբերական հանրաքուէներով երկիրը փրկելու մասին պոռոտախօս ինքնադրսեւորումներ:

Երկրի զարգացման համար իշխանութիւնները կամ իշխանութեան յաւակնութիւն ունեցողները, պարզապէս մտածող, ծրագրեր ու գաղափարներ ունեցող մարդիկ պէտք է երկրի խնդիրները ձեւակերպեն` իրենց լուծման տարբերակներով: Անհրաժեշտ է խրախուսել քաղաքական, հասարակական, գիտական, փորձագիտական վերնախաւերի բանավէճը: Պէտք է տեսակէտներ հնչեցուեն հասարակութեանը յուզող, երկրի ներքին խնդիրների լուծմանը միտուած, արտաքին վտանգներին ու մարտահրաւէրներին պատասխանող կարեւորագոյն խնդիրների վերաբերեալ` Արցախի հարցի լուծում, Թուրքիայի հետ յարաբերութիւններ, տնտեսութեան վերականգնում, ընտրական համակարգի հանդէպ վստահութեան վերականգնում, ընկերային ոլորտի բարեփոխումներ, աղքատութեան յաղթահարում, օտարերկրեայ ներդրումների ներգրաւում, գիտակրթական, մշակութային հիմնախնդիրներ եւ այլն (վերոնշեալ հիմնախնդիրների լուծումների տարբերակների եւ մեթոդաբանութեան վերաբերեալ տեսակէտներ ներկայացնելու հնարաւորութիւն դեռ կ՛ունենանք):

Բայց դա քիչ է. այդ ծրագրերը պէտք է ներկայացուեն հասարակութեանը, հասարակութիւնը պէտք է ներքաշուի իր իսկ խնդիրների քննարկման եւ լուծման մէջ: Հասարակութիւնը, քաղաքացին տարբերւում են երկրի լոկ բնակչից նրանով, որ մասնակից են իրենց հիմնախնդիրների լուծմանը: Դրանով է միայն հնարաւոր յաղթահարել պետութիւնից ու քաղաքականութիւնից մարդկանց օտարումը, դրանով է միայն հնարաւոր յոռետեսութիւնն ու կասկածը փարատել, վախի ու թշնամանքի բացասական ներուժը վերածել ստեղծագործ ներուժի, վերականգնել մարդու հաւատը վաղուայ օրուայ ու իր ուժերի հանդէպ: Ոչ մի, թէկուզ ամենալաւ ու իրատեսական ծրագիր անհնար է իրագործել` առանց հասարակութեան վստահութեան ու աջակցութեան, այլ կերպ ասած` ցանկացած ծրագիր պէտք է ունենայ հասարակական օրինականութիւն: Միայն այդօրինակ օրինականութեան պարագայում կարող են ընկալուել թէկուզ ամենացաւոտ լուծումներն ու դժուարութիւնները: Հետեւաբար հասարակական-քաղաքական համախմբում է անհրաժեշտ:

Անհրաժեշտ է միասնական համակարգում, խմբային աշխատանքում համախմբել բոլորի հնարաւորութիւնները` համադրելով իւրաքանչիւրի ներուժը` անկախ քաղաքական դաշտում զբաղեցրած դիրքից ու գաղափարական տարաձայնութիւններից: Չափանիշը կարող է լինել բացառապէս ազգային եւ պետական շահը, արհեստավարժութիւնն ու կարողականութիւնը: Երկիրը աննախադէպ բարդ հիմնախնդիրների ու մարտահրաւէրների առջեւ է կանգնած, բայց բարդութիւններն ու հիմնախնդիրները նաեւ հնարաւորութիւններ են ստեղծում, անխուսափելիօրէն առաջացնում վերափոխումների, ուժերի համախմբման անհրաժեշտութիւն: Իսկ այդ հնարաւորութիւններից օգտուելն արդէն մեզանից է կախուած: Բոլորիցս:

 


Նշմար. Թրքական Երկու Խոստովանութիւններ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Image may be NSFW.
Clik here to view.
vaho_021016

Փետրուար ամսուան 4-ին եւ 5-ին, Թուրքիոյ պետութեան կողմէ իրերայաջորդ երկու օրերու ընթացքին կատարուեցան բարձրագոյն մակարդակով թերեւս ակամայ, սակայն նշանակալից եւ ուշադրութեան արժանի երկու խոստովանութիւններ:

1.- Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու ուրբաթ, 5 փետրուարին Ղազախստան իր այցելութեան ընթացքին յայտարարեց. «Ինծի համար երկրորդ հայրենիքս իմ նախահայրերուս հայրենիքն է` Ղազախստանը: Յոյսով եմ, որ այժմ վարչապետի պաշտօնին վրայ ես կարենամ աւելի յաճախ այցելել իմ երկրորդ հայրենիքս»:

Տաւութօղլու իր այս յայտարարութեամբ կու գայ անգիտակցաբար ջրելու թրքական այն անհեթեթ պնդումները, թէ թուրքերը Արեւմտահայաստանի եւ Փոքր Ասիոյ բնիկ ժողովուրդ են, եւ խոստովանելու այն պարզ ու յստակ ճշմարտութիւնը, թէ իրենք եկուոր ժողովուրդ են: Յայտնութիւն մը չէ այս, սակայն նշանակալից է, որովհետեւ կը կատարուի Թուրքիոյ վարչապետի մակարդակով:

2.- Հինգշաբթի, 4 փետրուարին, Պոլսոյ մէջ Զբօսաշրջութեան համաշխարհային համախմբումի գլխաւոր նիստը, որուն ընթացքին առնուած լուսանկարին մէջ կ՛երեւին երկիրները ներկայացնող նախարարները, որոնց թիկունքին կ՛երեւի անոնց երկիրներուն քարտէսն ու դրօշը: Այստեղ նշանակալիցն ու ուշագրաւը այն է, որ Ազրպէյճանի քարտէսին մէջ ներառուած չէ Լեռնային Ղարաբաղը, իրողութիւն մը, որ չէ վրիպած թրքական իշխանամէտ «Սապահ» օրաթերթի ընթերցողներուն ուշադրութենէն, սակայն զարմանալիօրէն կը թուի վրիպած ըլլալ ուշադրութենէն համաշխարհային համախմբումին նիստը հիւրընկալած թրքական իշխանութիւններուն, ազրպէյճանցի նախարարին եւ Թուրքիոյ իշխանութեան բանբեր «Սապահ»-ին, որ ընթերցողներու բողոքներէն ետք միայն այդ լուսանկարը վերցուց իր կայքէն:

Դժուար է պատկերացնել, թէ այդ աչք ծակող իրողութիւնը ինչպէ՛ս վրիպած է կազմակերպիչներէն եւ ինքնին Ազրպէյճանի նախարարէն, որ ընդունած է հլու-հնազանդ բազմիլ այդ աթոռին` այդ քարտէսն ալ իր թիկունքին: Ըստ երեւոյթին, թուրք-ազրպէյճանական կողմը սկսած է ընդունիլ այն անհերքելի փաստը, թէ Լեռնային Ղարաբաղը ազրպէյճանական հողամաս չէ, այլ` հայկական: 4 փետրուարին անոնք ակամայ խոստովանած են, թէ Արցախը հայկական եղած է, է եւ պիտի մնայ առյաւէտ:

 

 

«Ոչ Ոք Ըսաւ` Հէգ Տղայ…»

Image may be NSFW.
Clik here to view.
VATCHE-PROUDIAN1-f
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած պատերազմը ահաւասիկ կը թեւակոխէ իր հինգերորդ տարին:

Արեւմուտքը (տարածաշրջանային իր մանր-մունր դաշնակիցներով) բնականաբար այս պատերազմը կը սիրէ կոչել «քաղաքացիական», «յարանուանական» եւ այլ բնութագրումներով, որոնք բաւական հեռու են ճշմարտութենէն: Անշուշտ մտածուած է բառերու ընտրութիւնը, որպէսզի բուն մեղսակիցները կարելի ըլլայ ծածուկ պահել: Սակայն… ինչպէս Րաֆֆիի հերոսներէն Մուրատը կ՛ըսէ` «Կոթն երկար է անիրաւին, չի պարտկւում մէջ տոպրակին»:

Սակայն… No problem!, «հարց» չկայ, Արեւմուտքի Քաւոր Պետրոսները յամառօրէն կը փորձեն կացինը «պարտկել» տոպրակին մէջ:

Այս օրերուն Եւրոպայի մէջ դարձեալ սրած է մթնոլորտը գաղթականներուն դէմ: Ֆինլանտա նոր յայտարարեց, թէ պիտի արտաքսէ 20 հազար ապօրինի գաղթական: «Մեծն» Բրիտանիա իր դուռերը (եւ աչքերը) յամառօրէն փակած է մարդկային այս ընդհանուր ողբերգութեան դիմաց: Գերմանիոյ վարչապետ տիկին Մերքել սկսած է ջուր խառնելու իր սկզբնական «բարեացակամութեան» գինիին մէջ: Ամբողջ Եւրոպայի մէջ ստեղծուած է այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր արաբի դիմագիծ ունեցողի մը նկատմամբ ամբոխային հակակրանքի մթնոլորտ կը հրահրուի ծայրայեղ աջակողմեան հոսանքներու կողմէ:

Ներկայ դրութեամբ, փոքրիկ ու տնտեսապէս ոչ նախանձելի վիճակի մէջ գտնուող Լիբանանի մէջ ապաստանած են աւելի քան 1,3 միլիոն սուրիացիներ, որոնք տեղահանուած են իրենց գիւղերէն ու քաղաքներէն, իրենց երբեմնի խաղաղ շէներէն: Աւելորդ է ըսել, որ Լիբանանի տնտեսական կարողութիւնները «քիչ մը» նուազ են Գերմանիոյ կամ Ֆինլանտայի ունեցածէն…

Միւս կողմէ, Արեւմուտքի տարածաշրջանային «փոքր դաշնակից» Յորդանանի մէջ ապաստան գտած են 600 հազար սուրիացի գաղթականներ: Յորդանանի Ապտալլա թագաւորը տակաւին վերջերս օժանդակութեան խնդրանք-կոչ մը ուղղեց Արեւմուտքին` ըսելով, որ` «Յորդանան միշտ թիկունք կանգնած է Արեւմուտքին, եւ հիմա ժամանակն է, որ Արեւմուտքը գործնապէս զօրակցութիւն ցուցաբերէ» գաղթականներու խնամքի հարցով:

Արեւմտեան տպագիր թէ եթերային մամուլին մէջ, վարչապետներ, նախագահներ, նախարարներ, «մասնագէտներ», յօդուածներու եւ հարցազրոյցներու ընդմէջէն, օրն ի բուն կը խօսին ապօրինի գաղթականներու հոսքին մասին, միշտ պարելով մէկ ու միակ հարցադրումի մը շուրջ` «Գաղթականները կարելի՞ է համարկել եւրոպական ընկերութենէն ներս», այո-ոչի սեւ ու ճերմակ պատկեր մը ստեղծելով: Կը քննուին թիւեր, կարելիութիւններ, թէ` այս ապօրինի գաղթականներուն ո՞ր տոկոսը ուսեալ է կամ մասնագիտութեան տէր, որպէսզի այդ տարրը կարելի ըլլայ «համարկել» (այսինքն… աժան աշխատավարձով աշխատցնել. մաքուր հայերէնով` շահագործել) Արեւմուտքի այս կամ այն երկրին մէջ: Բնականաբար` միշտ մեկնելով մարդասիրական վեհագո՜յն սկզբունքներէ…

Սուրիոյ հարցով Արեւմուտքին հակադրուած ռուսական «Russia Today» հեռատեսիլէն ելոյթ ունեցող «մասնագէտներէն» միայն մէկ-երկու հոգի, արեւմտեան այս տեսակէտի ծիրէն դուրս ելլելով, մատը դրին վէրքին վրայ:

Բոլորն ալ, ժողովրդային լեզուով, մեծ էշը ախոռը մոռցած են:

Ոչ ոք ունի յանդգնութիւնը ընդգծելու, որ երբ Լիպիոյ, Իրաքի, Սուրիոյ, Աֆղանիստանի կամ այլ երկիրներու բնական հարստութիւնները կողոպտելու նպատակով անոնց դէմ պատերազմներ կը շղթայազերծուին, «ըմբոստութիւններ» կը հրահրուին կամ վարչակարգեր վար կ՛առնուին (ատոնց հետ քանդելով ամբողջ պետական համակարգեր` իրենց համապատասխան ենթակառոյցներով), երբ այս երկիրները քարուքանդ կ՛ըլլան` պատճառ դառնալով, որ անոնց բնակչութիւնը գաղթական դառնայ, հետեւանքներէն մէկը կ՛ըլլայ այն, որ միլիոնաւորներ յուսահատ փորձեր կատարեն իրենց համար ապահով երդիք, բարօր կեանք փնտռելու:

Տարբեր խօսքով, Արեւմուտքի մէջ ոչ մէկ պետական պատասխանատու անձնաւորութիւն (կամ պալատական երգիչներու վերածուած լրագրողներ) կ՛ուզէ ընդունիլ, թէ Եւրոպան անելի մատնած գաղթականական այս ողբերգութիւնը հետեւանք է իրենց շահամոլ քաղաքականութեան` նոյն այդ երկիրներուն նկատմամբ: Ոչ ոք կ՛ուզէ խօսիլ տագնապի արմատական լուծումին մասին` վերատեսութեան ենթարկել Արեւմուտքի արտաքին քաղաքականութիւնը:

Եւ որպէսզի այս յօդուածագիրը եւս մեծ էշը ախոռին մէջ չմոռնայ, կայ Թուրքիոյ պարագան: Թուրքիան բացայայտօրէն եւ ուղղակիօրէն մեղսակից է Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ արձանագրուող այս ողբերգութիւններուն: Այս մասին եւս քար լռութիւն կը տիրէ Արեւմուտքի մէջ` պետական թէ մամուլի մակարդակով:

Առաւել, անդին կայ շատ կարեւոր հարցական մը. գաղթականներու դէպի Եւրոպա հոսքը սկսաւ անցնող տարուան աշնան: Այս գաղթականները ծովու ճամբով նախ Յունաստան կը հասնէին, ու այնտեղէն` Եւրոպական Միութեան այլ երկիրներ: Հարիւր հազարաւոր գաղթականներ ինչպէ՞ս «յանկարծ» որոշեցին նաւակներով կամ մակոյկներով յունական կղզիներ հասնիլ: Իսկ այդ մակոյկները կամ նաւակները կրնայի՞ն թրքական նաւահանգիստներէն ճամբայ ելլել առանց թրքական իշխանութիւններու հաւանութեան, արտօնութեան եւ կամ քաջալերանքին: Իր սահմաններուն աչալուրջ հսկող Թուրքիան (որ ունի կարողութիւնը 17 երկվայրկեան իր օդային տարածքը խախտած ռուսական օդանաւ մը վար առնելու), բնականաբար կրնար արգելք, պատնէշ հանդիսանալ գաղթականներու դէպի Եւրոպա հոսքին (ինչպէս կ՛ընէր արդէն մինչեւ անցնող աշնան սկիզբը): Բայց չըրաւ: Ըրաւ հակառակը, առաւելաբար սուրիացի գաղթականներէ բաղկացած ցունամի-ալիք կազմակերպելով դէպի Եւրոպա, զայն մատնելով անելի, միաժամանակ վայելելով «ՕԹԱՆ-ի մեր հաւատարիմ դաշնակից» փաղաքշանքները ու իբրեւ «գրպանի ծախս»` 3 միլիառ տոլար Եւրոպական Միութենէն: «Պախշիշ»:

Մեր յօդուածներուն մէջ բազմիցս կրկնած ենք ու անգամ մը եւս կը կրկնենք. մեր դիտարկումները չեն հիմնուած այս կամ երկրին, կամ վարչակարգին նկատմամբ համակրանքէ կամ հակակրանքէ: Մենք պարզապէս հանրայայտ փաստեր կամ իրողութիւններ կը փորձենք ընդգծել:

Հայութեան ու Հայաստանի շահերուն համար կարեւոր է աչալուրջ կերպով հետեւիլ Թուրքիոյ դերակատարութեան, որպէսզի վերջը չկրկնենք վաղամեռիկ Պետրոս Դուրեանի տողերը` «Ոչ ոք ըսաւ` հէգ տղայ, արդեօք ինչո՞ւ կը մխայ»…:

«Տղայ» բառը փոխարինեցէք քանդուող երկիրներու անուններով եւ այն ատեն կացութիւնը աւելի լաւ կրնաք ըմբռնել:

4 փետրուար 2016

vproodian@gmail.com

 

 

Նամակ Երկրէն. Հեռուից Ես Քեզ Գոնէ Տեսնեմ, Սիրեմ

Image may be NSFW.
Clik here to view.
raffidoudaklian1
ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Շուրջ շաբաթ մը առաջ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ հանդիպեցայ հայաստանցի ընկերոջս` Գարիկին: Ինքն ալ, ինծի նման, Պէյրութ կ՛երթար անձնական կիսաւարտ գործեր կարգի բերելու նպատակով: Մինչ կը սպասէինք մեկնումի ազդանշանին, հալէպցի ծանօթ զոյգ մը` Գօգոն եւ իր կինը, եկան եւ տեղաւորուեցան մեր մօտ: Բարեւելէ եւ առողջութեան ու ընտանիքի մասին փոխադարձ հարցուփորձէ ետք սկսանք խօսելու Սուրիոյ եւ Հայաստան ժամանած սուրիահայ փախստականներուն մասին:

– Այս ճամբորդները կը տեսնէ՞ք, 90 տոկոսով սուրիահայ փախստականներ են. բոլորն ալ Պէյրութ կ՛երթան` «Հայ տուն» ծրագիրով Քանատա արտագաղթելու: Ճիշդը` իմ տղաս ալ գնաց, հիմա կ՛ուզէ, որ մենք ալ մեր թուղթերը յանձնենք եւ ետեւէն հասնինք Թորոնթօ,- ըսաւ Գօգոն:

– Մի րոպէ, մի րոպէ… «Հայ տուն» ծրագրով ո՞նց Քանատա են արտագաղթում: Ես էլ մինչեւ հիմա հաւատում էի, որ հայերի տունը Հայաստանն ա. էդ ե՞րբ փոխուեց յանկարծ,- զարմացած հարց տուաւ Գարիկը:

– Ես ի՛նչ գիտնամ: Ես Հալէպի գործս պահած եմ, Երեւանի մէջ ալ հարց չունիմ, հանգիստ կ՛ապրիմ, բայց հիմա տղաս ու թոռնիկներս հոն են, Քանատա՛: Կրնային հոս ալ մնալ, նիւթականի խնդիր չունինք, բայց հոն աւելի լաւ ապագայ կայ եղեր: Հիմա մի՛ մեղադրէք… Պէյրութ գացող այս բոլոր սուրիահայերը անգործ մնացեր են, ապրուստի դժուարութիւններ ունին, Հալէպ ալ շատ վտանգաւոր է, ատոր համար «Հայ տուն»-ով Քանատա պիտի դիմեն,- բացատրեց Գօգոն:

– Դէ որ տե՛նց ա, ուրեմն սահմանամերձ հայերին էլ ներառենք «Հայ տուն» ծրագրում: Նրանք էլ են անգործ, ապրում են թշուառութեան մէջ, հացի ու բժշկի փող չունեն, ամէն օր գնդակոծւում են ազրպէյճանական դիրքերից, կեանքները վտանգուած ա, տալիս են զոհեր… բա հիմի ի՞նչ անենք` սաղին հաւաքենք, տանենք Քանատա՞… Որ ի՞նչ անեն, որ Հայաստանը հեռուի՞ց սիրեն,- բարկացած ըսաւ Գարիկը, որուն ընտանիքը կու գար Տաւուշի սահմանամերձ շրջաններէն, իսկ ինք 90-ական թուականներուն արցախեան ազատագրական պատերազմի զինուորագրեալներէն եղած է:

Գօգոն, ի հարկէ, նմանօրինակ արձագանգ չէր սպասեր Գարիկէն պարզ այն պատճառով, որ Երեւանի մէջ հաւանաբար շատ լսած էր հայաստանցիներու արտագաղթելու ցանկութիւններուն մասին: Հաւանաբար շատ հայաստանցիներ բարի նախանձ արտայայտած էին, երբ իրմէ տեղեկացած էին Քանատա տեղափոխուելու իրեն ընձեռուած հնարաւորութեան մասին:

– Էսա՛, չզարմանաք, հիմի արդէն շատ հայաստանցիներ կը փորձեն սիրիական քաղաքացիութիւն ձեռք բերել, որպէսզի նրանք էլ թողնեն գնան: Մինչեւ էսօր սփիւռքի նախարարութիւնով «Արի՛ տուն» էինք քարոզում, հիմի էլ «Հայ տուն»-ով Քանատա ենք տանում: Ես սենց բան պատկերացնել չէի կարող, սա արդէն ապսուրտ ա,- բորբոքած շարունակեց Գարիկը:

Գօգոն զարմացած ինծի կը նայէր` հաւանաբար միջամտութիւնս ակնկալելով: Ես ալ բացատրութիւն չունէի, կը ճանչնայի Գօգոն ու իր կինը եւ գիտէի իրենց նախընտրութիւնը: Քանատան չէ՛ր կրնար իրենցը ըլլալ: Չէի կրնար հարցականի տակ առնել իրենց հայրենասիրութիւնը, բայց միաժամանակ կը հասկնայի յառաջացած այս տարիքին զաւակին ու թոռնիկներուն հետ ըլլալու իրենց ցանկութիւնը: Կը հասկնայի նաեւ Գարիկին բարկութեան պատճառը: Արիւն ու քրտինք թափած էր ան` յանուն հողահաւաքի եւ հայահաւաքի: Իսկ հիմա ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ…

– Ո՞ւմ մեղադրենք, ո՞ւմ բողոքենք, լսողը ո՞վ ա,- կը մրթմրթար ան քիթին տակէն:

Վերջապէս օդանաւի մեկնումին ազդանշանը տրուեցաւ: Գարիկը, Գօգոն, իր կինը եւ ես անխօս բարձրացանք օդանաւ:

Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com

 

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Փետրուար Ա. –Սուրիահայութեան Գոյերթը Ռազմավարական Նշանակութիւն Ունի Նաեւ

Սուրիահայութեան գոյերթի պահպանումը համայնքային ինքնանպատակ անհրաժեշտութենէ բխած խնդիր չէ, այլ` հայ ժողովուրդի ազգային ընդհանրական շահերուն ծառայող պատմաքաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական հիմնաւորումներով ներկայացող հրամայական:

Ակնարկ մը նետելով սուրիահայ համայնքի կազմութեան եւ հայ-սուրիական յարաբերութիւններուն վրայ` պիտի տեսնենք, թէ Հայկական Լեռնաշխարհի եւ Սուրիոյ միջեւ առկայ յարաբերութիւնները հազարամեակներու պատմութիւն ունին: Եփրատ եւ Տիգրիս գետերը, իբրեւ մայր երակներ, Հայաստանը կապած են հարաւի երկիրներուն հետ, մինչ այդ պատմական Սուրիոյ տարածքը Հայաստանի սահմանակից եղած է հիւսիս-արեւելքէն, իսկ Արեւելքի հին ճանապարհները, որոնք Սուրիան միացուցած են Սեւ ծովուն ու Եւրոպային, Հայկական Բարձրաւանդակէն անցած են:

Հայեր պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն կայք հաստատած են Սուրիա: 12-13-րդ դարերուն հայկական ներկայութիւնը ծաղկում ապրած է Սուրիոյ մէջ, իսկ մեծագոյն գաղթերը դէպի Սուրիա իրականացած են Օսմանեան կայսրութեան հալածանքներուն պատճառով, մանաւանդ` Հայոց ցեղասպանութեան ու հայկական Կիլիկիոյ աղէտին եւ Ալեքսանտրեթի Սանճաքին Թուրքիոյ կցումին պատճառով:

Ժամանակի ընթացքին սուրիահայ համայնքի զաւակները, որպէս Սուրիոյ լիիրաւ քաղաքացիներ, դրական յարաբերութիւններ մշակած են սուրիական ընկերութիւնը կազմող բոլոր բաղադրիչներուն, յատկապէս մահմետականներուն հետ:

Սուրիահայերը իրենց մասնակցութիւնը բերած են երկրի քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ նոյնիսկ զինուորական նուաճումներուն: Ապրելով իրենց պատմական հայրենիքի մերձաւորութեամբ, անոնք պահպանած են իրենց ազգային ժառանգութիւնը` մշակոյթը, աւանդոյթները, առանձնայատկութիւնները, ձգտումներն ու իղձերը եւ մանաւանդ լեզուն` արեւմտահայերէնը: Այլ խօսքով` իրենց ինքնութիւնն ու տեսակը:

Ունենալով ազգային կառոյցներ, կազմակերպութիւններ ու եկեղեցիներ` պահպանած ու սերունդէ սերունդ փոխանցած են բռնագրաւուած մեր հողերուն իրաւատէրը ըլլալու գիտակցութիւնն ու անոնց վերատիրանալու կամքը` դառնալով Հայ դատի հետապնդման ուղիի առաջատար հաւաքականութիւններէն մէկը:

Բնականաբար սփիւռքի տարբեր համայնքներուն մէջ տարուող յարաբերական-քարոզչական աշխատանքներուն կարեւորութիւնը թերագնահատելու հարց գոյութիւն չունի այստեղ: Անառարկելի է սակայն, որ հայրենամերձ Սուրիոյ մէջ կազմակերպ, քաղաքականացած ու պահանջատէր հայութեան գոյութիւնը պատմաքաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական ազդու գործօն է Հայ դատի հետապնդման ծիրէն ներս: Ու երբ Սուրիոյ հայութեան ներկայութիւնը նօսրանայ, անոր շօշափելի մէկ հատուածը աշխարհագրականօրէն անջատուի իր պապենական հողերուն մերձաւորութեան, անոր մշակոյթով, լեզուով ու աւանդոյթներով ապրող զանգուածէն, բնականաբար պիտի թուլանայ Հայ դատի հետապնդման տուեալ գործօնին ազդեցութիւնը:

Փաստօրէն հայկական ներկայութեան թուլացման կը միտէր սուրիական տագնապի անցնող հինգ տարիներու ընթացքին ահաբեկչական թրքամէտ խմբաւորումներու կողմէ հայկական թաղամասերու, եկեղեցիներու, սրբավայրերու եւ կեդրոններու նպատակաուղղուած հրթիռակոծումը, Տէր Զօրի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական յուշահամալիրի ականահարումը` միանգամայն վերացնելու Հայոց ցեղասպանութեան շառաւիղներու ներկայութիւնն ու պատմական խօսուն վկայարանները:

Հայկական համընդհանուր շահերուն մէջ, սուրիահայ համայնքի գոյութիւնը ռազմավարական նշանակութիւն ունի նաեւ այլ նկատառումներով:

Համայնքը տարածաշրջանին մէջ, յատկապէս` որպէս տնտեսական, մշակութային ազդու լծակ, իր դրական ներգործութիւնը ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութիւն-Սուրիա յարաբերութեանց մէջ:

Տարիներ շարունակ եղած է սփիւռքի հայ համայնքներուն մարդուժ հայթայթող հնոց: Իր վարժարաններով ու մշակութային կեդրոններով` հայ մշակոյթի, հայկական աւանդոյթներու եւ արեւմտահայերէնի պահպանման ամրոց:

Այս բոլորով հանդերձ, արաբական եւ յատկապէս մահմետական աշխարհին մէջ եղած է թրքական ապատեղեկատուութիւնը քողազերծող ազդակ:

Ուստի, եթէ կը յաւակնինք ազգային հաւաքական տեսլական ունեցող ազգ ըլլալ, ապա մեր ամբողջ ճիգը ի գործ պէտք է դնենք ոչ միայն պահպանելու եւ ուժեղացնելու սուրիահայ համայնքը, այլեւ` Սուրիոյ անցողակի դժուարութիւնները տանելու յանձնառու քաղաքացիի կարգապահութեամբ եւ զոհողութեամբ, ընդհանրական շահերու գիտակցութեամբ:

Որովհետեւ մեր ազգային ընդհանրական շահերը կը պահանջեն, որ սուրիահայութիւնը չարտագաղթէ ու չհեռանայ իր հայրենիքի մերձաւորութեան գտնուող տարածքներէն:

Զ. Պ.

«Ծառայել Աստուծոյ, Մեր Եկեղեցիին, Մեր Ազգին Ու Մեր Նմանին*»

Image may be NSFW.
Clik here to view.
IMG_4751-1

ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ

Քառասնօրեայ պահեցողութիւնը կանխող վերջին օրը կը կոչուի «Բուն Բարեկենդան», որուն իմաստը, կը խորհիմ, որ պարզ պէտք է ըլլայ ձեզի համար. այսօր, հետեւաբար, Բուն Բարեկենդանի մասին պիտի չխօսիմ, այլ` ծառայութեան մասին, որովհետեւ առանց ծառայութեան` չկա՛յ Բուն Բարեկենդան: Բայց որո՞ւ կամ ի՞նչ բանի պէտք է ծառայել եւ ինչպէ՞ս պէտք է ծառայել: Վեհափառ հայրապետը ծառայութեան վերաբերող իր հռչակագիրին մէջ կը հաստատէ, որ պէտք է ծառայել Աստուծոյ, մեր եկեղեցիին, մեր ազգին եւ մեր նմանին: Խօսինք ասոնց մասին առանձնաբար.

1) Ծառայութիւն Աստուծոյ

Ի՞նչպէս կրնանք ծառայութիւն մատուցել Աստուծոյ: Աստուծոյ ծառայութիւն մատուցելու համար նախ պէտք է մեր անձերը իբրեւ ծառայ մատուցենք Աստուծոյ: Աստուծոյ մատուցուած որեւէ ծառայութիւն փառք չի բերեր Աստուծոյ եւ ո՛չ ալ վարձատրութիւն մեզի, եթէ երբեք մենք զմեզ չենք յանձնած Աստուծոյ` իբրեւ ծառաներ: Աստուած կ՛ընդունի մեր ծառայութիւնը միայն այն ատեն, երբ մեզ ընդունի իբրեւ ծառայ:

Ի՞նչ պէտք է ընել Աստուծոյ ծառայութիւն մատուցած ըլլալու համար: Երբ Քրիստոսի թագաւորութեան երկրի վրայ տարածման համար կ՛աշխատինք, Աստուծոյ ծառայութիւն մատուցած կ՛ըլլանք: Իսկ ինչպէ՞ս կրնանք Քրիստոսի թագաւորութիւնը երկրի վրայ տարածել.

Երբ Քրիստոսի փրկութեան աւետիսը կը հնչեցնենք մարդոց կեանքին մէջ, եւ երբ մարդիկը Քրիստոսի փրկութեան կ՛առաջնորդենք, Քրիստոսի թագաւորութիւնն է, որ երկրի վրայ տարածած կ՛ըլլանք, եւ սա Աստուծոյ ծառայութիւն մատուցել է:

Երբ վկայութիւն կու տանք Քրիստոսի սիրոյն մասին, եւ մանաւանդ երբ Քրիստոսի սիրոյն արտացոլացումը կը դառնանք մարդոց կեանքին մէջ, եւ ատով մարդիկը Քրիստոսի սիրոյն կ՛առաջնորդենք, Քրիստոսի թագաւորութիւնն է, որ երկրի վրայ տարածած կ՛ըլլանք, եւ սա ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` Աստուծոյ ծառայութիւն մատուցել:

Երբ Աստուծմէ հեռու եղող մարդիկը Աստուծոյ կը մօտեցնենք, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք Աստուծոյ: Երբ ճշմարտութենէն հեռացած մարդը ճշմարտութեան կ՛առաջնորդենք, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք Աստուծոյ: Երբ մոլորած մարդուն երկինք առաջնորդող ճամբան ցոյց կու տանք, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք Աստուծոյ:

2) Ծառայութիւն եկեղեցւոյ

Ի՞նչ կը հասկնանք եկեղեցիին ծառայել ըսելով: Երբ կառչած կը մնանք մեր մայրենի եկեղեցիին, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք մեր եկեղեցիին: Երբ անվթար ու անաղարտ կը պահենք մեր առաքելական հաւատքը, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք մեր մայրենի եկեղեցիին: Երբ եկեղեցիէն հեռու եղողը եկեղեցի կը բերենք, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք մեր եկեղեցիին: Երբ կը սիրենք եկեղեցին եւ մեր մանուկներուն ու պատանիներուն ալ եկեղեցին սիրել կը սորվեցնենք, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք մեր եկեղեցիին: Երբ մեր գործնական մասնակցութիւնը կը բերենք եկեղեցական արարողութեանց, յատկապէս` Սուրբ պատարագին, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք մեր եկեղեցիին:

Երբ կը պատուենք ու կը պաշտպանենք մեր եկեղեցին, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք մեր եկեղեցիին:

Եկեղեցին մեր հոգեւոր ծննդավա՛յրն է. պէտք է տէ՛ր կանգնիլ մեր հոգեւոր ծննդավայրին:

Եկեղեցին Աստուծոյ թագաւորութեան դո՛ւռն է` մեր ազգի զաւակներուն դիմաց բացուած. պէտք է արթուն պահակները ըլլանք այս դուռին:

Եկեղեցին տո՛ւնն է Աստուծոյ ու տո՛ւնն է մեր ազգին, կ՛ըսէ վեհափառ հայրապետը. ուստի պէտք է հաւատարիմ պաշտպանները դառնալ Աստուծոյ եւ մեր ազգի տան` եկեղեցիին:

«Հայ եկեղեցին հայ ժողովուրդով կը ստանայ իր իսկական ինքնութիւնը», կը հաստատէ Նորին սրբութիւնը. պէտք է տէ՛ր ու պահապան ըլլալ մեր ազգի ինքնութեան պահպանիչ` Հայ եկեղեցիին:

3) Ծառայութիւն մեր ազգին

Ինչպէ՞ս կրնանք ծառայել մեր ազգին: Երբ հեռու կը մնանք խառն ամուսնութիւններէ եւ հայ, հայաբոյր ու հայասէր ընտանիք կը կազմենք, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք մեր ազգին:

Երբ ինքնութիւն աղարտող մեր շրջապատին մէջ անաղարտ կը պահենք մեր ազգային ինքնութիւնը, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք մեր ազգին:

Երբ հայ ոգին մեզմէ դատարկող աշխարհայնացումի դիմաց անբասիր կը պահենք մեր մէջ հայու ոգին, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք մեր ազգին:

Երբ մաքուր հայերէն կը խօսինք եւ մեր զաւակներուն ալ մաքուր հայերէն խօսիլ կը սորվեցնենք, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք մեր ազգին:

Երբ հայ ուսուցիչը հայեցի կրթութիւն կը փոխանցէ իր աշակերտներուն` սորվեցնելով անոնց հայերէն խօսիլ ու գրել, հայերէն երգել ու արտասանել, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլայ մեր ազգին:

Երբ կը սիրենք ու մեր զաւակներուն ալ կը սորվեցնենք սիրել մեր ազգն ու հայրենիքը, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլանք մեր ազգին: Իսկ մեր ազգն ու հայրենիքը սիրելը լոկ խօսքով չ՛ըլլար: Մեր սէրը գործնապէս պէտք է արտայայտել: Երբ հայ հաւատացեալը աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած` մեր ազգին ու հայրենիքին հզօրացման ու նորոգութեան համար, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլայ մեր ազգին ու հայրենիքին: Երբ հայ հարուստը դրամ կու տայ, հայ եկեղեցի ու հայ դպրոց կառուցելու կամ նորոգելու համար, ծառայութիւն է, որ մատուցած կ՛ըլլայ մեր ազգին ու հայրենիքին: Վեհափառ հայրապետը ծառայութեան կապուած իր պատգամին մէջ կ՛ըսէ. «Պատմութիւնը միշտ յարգանքով պիտի յիշէ ո՛չ թէ մեր ունեցածը, այլ` մեր տուածը, ո՛չ թէ մեր գեղեցիկ խօսքերը, այլ` մեր բարի գործերը: Պատմութեան փոշիներուն մէջ կը կորսուին անոնք, որոնք միա՛յն ունենալու համար պայքարած են: Պատմութեան մայր էջին վրայ կը մնան միա՛յն անոնք, որոնք տուած են ի խնդիր գերագոյն արժէքներու կենսագործման ու յաւերժացման եւ սրբազան նպատակներու ու վեհ իտէալներու իրականացման»:

4) Ծառայութիւն մեր նմանին

ա) Մեր նմանին ըսելով` առաջին հերթին կը հասկնանք աղքատներն ու կարիքաւորները: Մենք մի՛շտ պէտք է աղքատներուն օգնենք, բայց մանաւանդ` Նոր տարուան առիթով, Տէր Յիսուսի ծնունդին առիթով, քառասնօրեայ պահեցողութեան ժամանակ եւ Քրիստոսի հրաշալի յարութեան տօնին առիթով:

Ինչո՞վ կ՛օգտուինք, երբ Նոր տարուան առիթով նուէրներ կու տանք իրարու եւ սակայն նուէր մը չենք տար աղքատի մը, որուն համար Աստուծոյ Որդին աղքատացաւ ու իր կեանքը նուիրաբերեց:

Ինչո՞վ կ՛օգտուինք, երբ Ս. Ծնունդի առիթով սեղան կը բանանք իրարու դիմաց, եւ սակայն սեղան չենք բանար աղքատին դիմաց, որուն նմանութեամբ ծնաւ ու ապրեցաւ Յիսուս, եւ կը մոռնանք Յիսուսի պատուէրը, որ երբ սեղան պատրաստենք, պէտք է աղքատները ճաշի հրաւիրենք (Ղուկաս 14.13):

Ինչո՞վ կ՛օգտուինք, երբ քառասուն օր պահք կը պահենք եւ սակայն քառասուն օրուան ընթացքին անօթի մը չենք կերակրեր. քառասուն օր մենք զմեզ որոշ բաներէ կը զրկենք եւ սակայն ոչինչ կու տանք զրկուածներուն: Յովհան Մանդակունի հայրապետը դիտել կու տայ, որ մեր անօթի մնալուն նպատակը ուրիշ անօթի մը կշտացնելը պէտք է ըլլայ, եւ այն բանը որմէ կը զրկենք մենք զմեզ, պէտք է զայն զրկուածին տանք:

Ինչո՞վ կ՛օգտուինք, երբ Ս. Յարութեան տօնին առիթով յարուցեալ Աստուածորդիին անուան փառքին համար կ՛երգենք, բայց անոր անուան փառքին համար ոչինչ կ՛ընենք աղքատին համար:

բ) Մեր նմանին ըսելով` կը հասկնանք որբերն ու որբեւայրիները: Որբ մը որդեգրելը կրնայ պատճառ դառնալ, որ որդեգրուինք Աստուծոյ կողմէ: Որբի մը հոգ տանիլը մեզ Աստուծոյ հոգատարութեան կ՛արժանացնէ: Եթէ կ՛օգնենք որբերուն ու որբեւայրիներուն, Դատաստանի օրը Աստուծոյ օգնութեան պիտի արժանանանք, իսկ եթէ զանոնք երեսի վրայ կը ձգենք, Դատաստանի օրը երեսի վրայ պիտի մնանք:

գ) Մեր նմանին ըսելով` կը հասկնանք վիրաւորներն ու տառապողները: Ճշմարիտ հաւատացեալը պէտք է հոգիներու, սիրտերու ու զգացումներու բժիշկ ըլլայ: Պէտք չէ ցաւցնենք մէկը, որուն համար Յիսուս ցաւ կրեց: Պէտք չէ վիրաւորենք մարդը, որուն համար Աստուծոյ Որդին վիրաւորուեցաւ. ընդհակառակը, պէտք է բալասան ըլլանք անոր վէրքերուն համար: Համբերութեամբ տարուած վէրքը մեզ վարձքի կ՛արժանացնէ, իսկ ուրախութեամբ ուրիշին վէրքը բուժելը մեզ ո՛չ միայն վարձքի, այլեւ փառքի կ՛արժանացնէ, Աստուծոյ նմանութեան կ՛առաջնորդէ:

դ) Մեր նմանին ըսելով` կը հասկնանք մեր հարազատներն ու ազգականները: Հարազատներ ու ազգականներ պարտականութիւն ու պարտաւորութիւն ունին իրարու նկատմամբ: Սուրբ Կոյս Մարիամ երբ Գաբրիէլ հրեշտակէն լսեց, թէ իր ազգականը` Եղիսաբէթ վեց ամսուան յղի էր, անմիջապէս անոր քով գնաց ու սկսաւ անոր ծառայել: Ղուկաս կ՛ըսէ, թէ Մարիամ շուրջ երեք ամիս մնաց Եղիսաբէթի մօտ (1.56): Եթէ Եղիսաբէթ վեց ամսուան յղի էր, երբ Մարիամ անոր քով գնաց, եւ եթէ Մարիամ երեք ամիս մնաց Եղիսաբէթի մօտ, սա կը նշանակէ, թէ Մարիամ տուն դարձաւ Յովհաննէս Մկրտիչի ծնունդէն ետք միայն, որ կը նշանակէ, թէ Մարիամ իր պարտականութիւնը լիովին կատարեց իր ազգականին` Եղիսաբէթի նկատմամբ: Ան սկսաւ Եղիսաբէթի ծառայութեան եւ իր ծառայութիւնը կիսատ չթողուց. Մարիամ Յովհաննէս Մկրտիչի ծնունդով իր ծառայութիւնը ամբողջացուցած նկատեց եւ հանգիստ խղճով տուն դարձաւ: Մենք պատրա՞ստ ենք Մարիամի նման ծառայելու մեր ազգականներուն. յատկապէս անոնց, որոնք կարիքը ունին մեր ծառայութեան: Եղիսաբէթ Մարիամի ծառայութեան կարիքը ունէր, ո՛չ միայն որովհետեւ յղի էր, այլ նաեւ որովհետեւ ծեր էր (Ղուկաս 1.7): Սուրբ հայրեր այս իրողութեան վրայ հիմնուելով` կը վկայեն, թէ Մարիամ կը սիրէր ծերերը եւ ծերերուն օգնելը: Այսօր մեր ազգի զաւակները ինչպէ՞ս կը վերաբերին ծերերուն հետ ընդհանրապէս, եւ իրենց ծերացած ծնողներուն հետ` մասնաւորաբար: Այսօր շատերու համար իրենց ծնողները բեռ կը նկատուին, ազատութեան կաշկանդում կը նկատուին, եւ իրենց այս բեռէն եւ ազատութեան կաշկանդումէն ազատելու համար իրենց ծնողները ծերանոց կը դնեն: Ո՛չ, սիրելիներ, մեր ծերացած ծնողները օրհնութիւն են մեզի համար եւ ո՛չ թէ` բեռ ու ազատութեան կաշկանդում:

Երբ ծերանոց կը դնենք մէկը, որուն հոգ տանելու կարելիութիւն չունինք, հասկնալի ու ընդունելի է, բայց երբ ծերանոց կը դնենք մէկը, որուն կրնանք հոգ տանիլ, բայց կը զլանանք, անհասկնալի ու անընդունելի է: Վերջերս իմացայ, որ հայ ընտանիք մը ուզելով, որ իր Կաղանդը աւելի հանգիստ ու ազատ անցընէ, իրենց ծերացած մայրը ծերանոց դրին Կաղանդէն քանի մը օր առաջ. սրտի նեղութեան պատճառով այս հայ մայրը Կաղանդէն 3-4 օր ետք հոգին աւանդեց: Այս հայ մայրը, որ ո՛վ գիտէ, թէ անցեալին ինչե՜ր ըրած էր իր զաւակները Կաղանդի գիշերով ուրախացնելու համար:

ե) Մեր նմանին ըսելով` կը հասկնանք մեր բարեկամները:

Բարեկամ մարդը այն մարդն է, որ նեղութեան ժամանակ յենարան կ՛ըլլայ մեզի եւ կ՛օգնէ դո՛ւրս գալու մեր նեղութենէն:

Ճշմարիտ բարեկամը այն մարդն է, որ կը բաժնէ իր յաջողութիւնն ու ուրախութիւնը մեզի հետ, եւ առիթ կու տայ մեզի, որ բաժնենք մեր ցաւն ու վէրքը իրեն հետ:

Ճշմարիտ բարեկամը այն մարդն է, որ ականջ կու տայ մեզի ու կը հասկնայ մեզ, երբ կը խօսինք մեր զգացումներուն ու վիշտին մասին:

Ճշմարիտ բարեկամը այն մարդն է, որ խոնարհութեամբ ու սիրով մեզ կը սրբագրէ, երբ սխալի կամ մեղքի մէջ կ՛իյնանք, եւ խոնարհութեամբ ու սիրով կ՛ընդունի սրբագրուիլ մեր կողմէ, երբ ի՛նք սխալի կամ մեղքի մէջ կ՛իյնայ:

Ճշմարիտ բարեկամը այն մարդն է, որ կ՛օգնէ մեզի աճելու մեր հոգեւոր կեանքին մէջ, եւ միաժամանակ կ՛օգնէ մեզի հանդէս բերելու այն շնորհները, որոնք ծածկուած են մեր սրտին մէջ:

Ճշմարիտ բարեկամը այն մարդն է, որ զօրավիգ կ՛ըլլայ մեզի, երբ կը գլորինք, եւ` խնդակից, երբ կը բարձրանանք:

Ճշմարիտ բարեկամը այն մարդն է, որ ուրախակից կ՛ըլլայ մեզի` մեր ձեռք ձգած յաջողութիւններուն համար, եւ սրտանց կը ներէ, երբ բանի մը մէջ կը ձախողինք կամ կը սխալինք:

զ) Մեր նմանին ըսելով` կը հասկնանք ընդհանրապէս մարդը, ծառայութեան կարիքը ունեցող մարդը: Այս մասին շատ բան կարելի է ըսել, բայց հակիրճ ըլլալու համար լոկ հաստատեմ, որ Աստուած մարդը ստեղծեց եւ օժտեց գործելու, աշխատելու, տքնելու ու երկնելու կարողութեամբ: Ճիշդ է, որ Աստուած մարդը ստեղծեց իր փառքով ու իր փառքին համար, ինչպէս կը վկայէ Եսայի մարգարէն (43.7), բայց միաժամանակ զայն ստեղծեց, որպէսզի անիկա Աստուծոյ փառքը ճառագայթէ եւ անոր փառքին տարածիչը դառնայ մարդոց կեանքին մէջ, եւ ատիկա տեղի կ՛ունենայ իր ծառայութեամբ: Ճիշդ է, որ մարդը Աստուծոյ ձեռքին գործն է, բայց միաժամանակ անիկա Աստուծոյ գործակիցն է, եւ անիկա այդ գործակցութիւնը կրնայ արտայայտել` ծառայելով մարդոց. արդարեւ, մարդը Աստուծոյ ձեռքին գործը ըլլալով` պէտք է Աստուծոյ օգնող ձե՛ռքը ըլլայ օգնութեան կարօտ մարդոց կեանքին մէջ: Ճիշդ է, որ մարդը Աստուծոյ սիրոյն պտուղն է, բայց նաեւ սիրոյ պտուղ բերելու կոչուած անձն է: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետը կ՛ըսէ. «Մարդը պէտք է նմանի ծառի: Ինչպէս ծառը ինքնիր համար չ՛ապրիր եւ ինքնիր համար պտուղ չի բերեր, այլ կ՛ապրի ու պտուղ կը բերէ ուրիշին համար, նոյնպէս ալ մարդ արարածը պէտք է ապրի, գործէ ու պտուղ բերէ իր նմաններուն համար»:

Հարց տանք մենք մեզի. մենք կ՛ապրի՞նք  ուրիշին համար, կը գործե՞նք ու պտուղ կը բերե՞նք ուրիշին համար: Քառասնօրեայ պահեցողութիւնը այն սքանչելի ժամանակահատուածն է, երբ կրնանք բարին գործել ուրիշին համար, մանաւանդ երբ այդ ուրիշը աղքատ մարդն է, անտեսուած մարդն է, լքուած ու մոռցուած մարդն է, հիւանդ ու տագնապահար մարդն է:

Աղքատին տուողը աղքատասէր Աստուծոյ է, որ տուած կ՛ըլլայ: Անօթին կերակրողը անոր փոխարէն կրնայ Կենաց հացը ձեռք ձգել: Ծարաւին ջուր խմցնողը անոր փոխարէն Կենաց աղբիւրով կրնայ վարձատրուիլ: Անտեսուածին տեսութեան գացողը կրնայ ամենատես Աստուծոյ տեսութեան արժանանալ: Կարօտեալին կարօտը գոհացնողը անկարօտն Աստուծոյ օգնութեան կ՛արժանանայ: Եւ այս բոլորը ծածուկ կերպով պէտք է կատարուին, որովհետեւ իսկական ծառայութիւնը ծածուկ կերպով կատարուած ծառայութիւնն է. իսկական ծառայութիւնը Աստուծոյ փառքին համար կատարուած ծառայութիւնն է. ծառայելու պարգեւը Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած պարգեւ մըն է, ուստի միայն Աստուած ի՛նք պէտք է փառաւորուի: Եթէ երբեք կը ծառայենք մարդոց, որպէսզի անոնք խօսին մեր ծառայութեանց մասին, աւելի լաւ կ՛ըլլայ, որ չծառայենք, որովհետեւ ճիշդ չէ, որ մարդիկ զԱստուած փառաւորելու փոխարէն` մեզ փառաւորեն:

Եկէք, Բուն Բարեկենդանի առիթով եւ մեր Բուն Բարեկենդանը վերագտնելու նպատակով, ծառայութեան ճամբով վերադառնանք Աստուծոյ եւ մեր նմանին:

Եկէք` ընդառաջենք վեհափառ հայրապետի հրաւէրին եւ 2016 տարին եւ գալիք բոլոր տարիները լեցնենք ու հարստացնենք ծառայութեանց արարքներով, որպէսզի մենք մեծնանք եւ Աստուած մեծարուի:

(*) Խօսուած է մայրավանքի մայր տաճարին մէջ, կիրակի, 7 փետրուար, 2016-ին:

Viewing all 13529 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>