Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 13494 articles
Browse latest View live

Աբխազիա Չի Կարելի, Իսկ Թուրքիա՞

$
0
0

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Tatul Hagopian11Գուցէ լաւ չէ, երբ պետութիւնը, տուեալ դէպքում` արտաքին գործերի նախարարութիւնը, միջամտում է մարզական մի միջոցառման, որի մէջ ներգրաւուած է «Արարատ» ֆութպոլային ակումբը: Սակայն սա այն դէպքն է, երբ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը ճիշդ է վարուել:

Հայաստանի արտաքին գործերի նախարարութիւնը յորդորել է «Արարատ»-ին` չմեկնել Աբխազիա, որտեղ յունուարի 27-ին պէտք էր կայանար խմբի ընկերական հանդիպումը ռուսական «Վոլկա» ակումբի հետ: «Մենք Աբխազիան որպէս առանձին միաւորում չենք ճանաչում, եւ, հետեւաբար, առարկել ենք, որ տեղի ունենայ ընկերական ֆութպոլային հանդիպումը Սուխումում», Epress.am-ի հետ զրոյցում ասել է արտաքին գործերի նախարարութեան մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեանը:

Աբխազիայի արտաքին գործերի նախարարութիւնը Հայաստանի քայլը համարել էր «ոչ բարեկամական»: «Մեր ժողովուրդների միջեւ վաղեմի պատմական կապեր կան, իսկ Աբխազիայում բնակւում է խոշոր հայկական համայնք, որը Աբխազիայի բազմազգ ժողովրդի անբաժանելի մասն է», յայտարարել է Աբխազիայի արտաքին գործերի նախարարութեան ներկայացուցիչը:

«Մենք մեր որոշումներում եւ քայլերում առաջնորդւում ենք միայն մեր ազգային, պետական շահերով», ի պատասխան ասել է Բալայեանը:

Անշուշտ շատ աւելի լաւ կը լինէր, եթէ «Արարատ»-ը պայմանաւորուած չլինէր Աբխազիայում հանդիպում անցկացնելու շուրջ, որպէսզի նաեւ չլինէր աբխազական կողմի հասկանալի դժգոհութիւնը: Այդ դժգոհութիւնը եւս պէտք է հաշուի առնել, քանի որ Աբխազիայում ունենք 50 հազարից աւելի հայութիւն, բազմաթիւ հայկական գիւղեր, հայկական դպրոցներ:

Բայց երբ խօսքը Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւնների մասին է, ապա պէտք է չափազանց նրբանկատ լինել: Վրաստանը Հայաստանի համար ամէնից կարեւոր գործընկերն է ու հարեւանը: Եւ սա հաշուի առնելով` Հայաստանի արտաքին գործերի նախարարութիւնը պէտք է հետեւողական լինի եւ հետեւի, որպէսզի տարբեր քայլերով, այդ թւում` մարզական, թիւրըմբռնում եւ անիմաստ լարուածութիւն չառաջանայ երկկողմ յարաբերութիւններում: Օրինակ, ինչպէս եղաւ անցեալ տարի, երբ խորհրդարանի նախագահ Գալուստ Սահակեանը որոշեց, որ պէտք է ընդունի Հարաւային Օսեթիայի խորհրդարանի ղեկավարին, այդպիսով` ստեղծելով հայ-վրացական գայթակղութիւն:

Եթէ Հայաստանի արտաքին գործերի նախարարութիւնը յորդորում է հայկական ֆութպոլային ակումբին հրաժարուել Սուխումում հանդիպում անցկացնելուց, ինչը արդարացուած քայլ է, որպէսզի դրա պատճառով Երեւան-Թիֆլիս յարաբերութիւնները չտուժեն, ապա նոյնը պէտք է անի այն դէպքում, երբ հայկական ֆութպոլային ակումբները ուսումնամարզական հաւաքներ են անցկացնում Անթալիայում:

Ուղիղ մէկ տարի առաջ այս օրերին Հայաստանի բարձրագոյն խմբի առաջնութեան 8 խմբերից  5-ը ուսումնամարզական հաւաք էին անցկացնում Անթալիայում, այդ թւում` ընկերական հանդիպումներ: Այդ խմբերն են` Երեւանի «Փիւնիկը», «Ուլիսը», «Բանանցը», «Ալաշկերտը», ինչպէս նաեւ` Գիւմրիի «Շիրակը»:

Թուրքիան այն պետութիւնն է, որ շրջափակման տակ է պահում Հայաստանը, հրաժարւում դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել, ժխտում է Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, օժանդակում Ազրպէյճանին ընդդէմ Հայաստանի ու Արցախի: Թուրքիան Հայաստանի հանդէպ վարում է թշնամական քաղաքականութիւն:

Այս գրութիւնը պատրաստելու ընթացքում Հայաստանի մարզական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ բարձրագոյն խմբում առաջին հորիզոնականը զբաղեցնող Երեւանի «Ալաշկերտ»  խումբը փետրուարի 1-ին կը մեկնի Թուրքիա`  Անթալիա, որտեղ տասնօրեայ մարզումներին զուգահեռ, փետրուարի 6-ին եւ 10-ին երկու ստուգողական խաղ կ՛անցկացնի Հունգարիայի երկու` «Սիոֆոկ» եւ «Սորոկսար» ակումբների հետ:

Ուշադրութի՛ւն դարձրէք` հայկական ֆութպոլային առաջատար ակումբը ոչ միայն Անթալիա է մեկնում ուսումնամարզական հաւաքի, այլ ընկերական հանդիպումներ է անցկացնում հունգարական խմբերի հետ: Հայաստանը խզել է դիւանագիտական յարաբերութիւնները Հունգարիայի հետ 2011-ին, երբ Պուտափեշտը Ազրպէյճանին վերադարձեց մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին:

Պէտք չէ բացառել, որ Հայաստանի ֆութպոլային այլ ակումբներ եւս այս տարի, ինչպէս նախորդ եւ անցնող տարիներին, ուսումնամարզական հաւաք կ՛անցկացնեն Թուրքիայում: Մինչեւ այժմ Հայաստանի արտաքին գործերի նախարարութիւնը, գոնէ հրապարակաւ, չի յորդորել, որպէսզի հայկական ակումբները խուսափեն մի երկրում ուսումնամարզական հաւաք անցկացնելուց եւ հազարաւոր տոլարներ գումարներ թողնելուց, երբ այդ երկիրը շարունակում է թշնամական քաղաքականութիւնը Հայաստանի նկատմամբ:

Եթէ Աբխազիա չի կարելի, ապա Թուրքիան պէտք է արգելուի: Կայ մէկ այլ ընտրութիւն` չմիջամտել եւ ընդունել, որ մարմնամարզը չի կարելի խառնել քաղաքականութեանը: Բայց արդեօք մարմնամարզը քաղաքականութիւն չէ՞: Վկան` Հայաստան-Թուրքիա ձախողուած «ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը»:

 

 

 

 


Ազգային Ու Պետական Անմոռանալի Դէմք Մը` Տոքթ. Սերվիչէն (Ծննդեան 200-Ամեակին Առիթով)

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Servichen-1_020116Servichen-2_020116Տոքթ. Սերվիչէնի մուտքը հայ ազգային կեանքին մէջ սկսաւ գիրքի մը հրատարակութեամբ:

Արդարեւ, իր Պոլիս դարձէն երկու տարի ետք, 1844-ին, երբ տակաւին 29 տարեկան էր ան, Սերվիչէն լոյս ընծայեց հայերէնով գրուած իր «Մանկատածութիւն»-ը, նշանաւոր գրաձուլիչ Յովհաննէս Միւհէնտիսեանի տպարանէն: Մօտ 450 էջէ բաղկացեալ այս ծաւալուն գիրքին ամբողջական խորագիրը սա՛պէս էր. «Մանկատածութիւն, որ է բնական, բարոյական եւ իմացական հրահանգ խնամատարութեան մանկանց»: Ինչպէս կը հասկցուի արդէն այս խորագրէն, գիրքը գիտական եւ փիլիսոփայական ուսումնասիրութիւն մըն էր, ուր հեղինակը երկարօրէն կը խօսէր մանուկներու սննդառութեան, անոնց մտաւոր եւ ֆիզիքական աճման ընթացքին մասին: Ցոյց կու տար այն հարկաւոր խնամքները, որոնք անհրաժեշտ էին մօր արգանդին մէջ բեղմնաւորուող էակին` սաղմէն մինչեւ անոր ծնունդը, ու ծնունդէն ետք` մինչեւ պատանեկութեան առաջին տարիները:

Տոքթ. Վահրամ Թորգոմեան (1858-1942), որ մօտէն ճանչցեր էր Սերվիչէնը, գովեստով կ՛արտայայտուի վերոնշեալ գիրքին մասին ու մինչեւ իսկ զայն կը նկատէ իր դարուն «հայ բժշկական հրատարակութեանց գլուխ-գործոցը»: Ըստ Թորգոմեանի, այս գիրքին «ընտիր քարոզութեանց եւ ազդու պատուէրներուն ամբողջ սերունդներ երախտապարտ են եւ պարտաւոր»:

Սերվիչէնի երկրորդ գիրքը նախորդին կը յաջորդէր երկու տարի անց: 1846-ին, դարձեալ Միւհէնտիսեանի տպարանէն է, որ լոյսին կու գար հայ բժիշկին «Բարոյական սկզբունք»-ը: Բայց ուշագրաւ է, որ այս անգամուան աշխատասիրութիւնը մարդ անհատին առողջապահութեան կամ բժշկութեան հետ կապ չունէր, այլ կ՛առնչուէր ազգին ու ազգային հաստատութիւններու առողջութեան հետ… Այստեղ Սերվիչէն կը բացատրէր մարդկային իրաւունքներու անհատական եւ ընկերային երեսները, կը խօսէր նաեւ ազգային ու համայնքային կարիքներու մասին` հիմնական նպատակ ունենալով ազգին մէջ ծաւալել պարտքի եւ իրաւունքի վսեմ գաղափարները, որոնք յայտնապէս մտասեւեռումներ էին իրեն համար: Այս գործը այնքան շահագրգռութիւն կը ստեղծէր, որ քանի մը տարուան ընթացքին կ՛արժանանար երկու յաւելեալ վերատպութեանց:

Սերվիչէնի երկու գիրքերն ալ նոր-նոր ծլող աշխարհաբարի առաջին նմուշներն էին:

Բայց Սերվիչէնի անունը մեր ազգային պատմութեան տարեգրութիւններուն մէջ պիտի քանդակուէր գլխաւորաբար արեւմտահայոց  Ազգ. սահմանադրութեան մշակման ու կիրարկումին իր բերած աշխատանքով ու առաջնորդող դերակատարութեամբ:

Թէեւ ճշգրտօրէն լուսաբանուած չէ այն դերը, որ Սերվիչէնինը եղաւ 1860-ին հռչակուած այդ սահմանադրութեան նախագծումին ու անոր վերջնական խմբագրումին մէջ, այնուհանդերձ, այդ ժամանակաշրջանի իրադարձութիւններուն իրազեկները (Հրանտ Ասատուր, Կարապետ Իւթիւճեան, Բիւզանդ Քէչեան եւ այլք) աներկբայօրէն կը հաւաստիացնեն, որ Սերվիչէն գլխաւոր կերտիչներէն ու դայեակներէն մին էր Ազգ. սահմանադրութեան թէ՛ գաղափարին եւ թէ՛ օրինագրքին: Անոր ճիգերը շատ մեծ եղան` ճամբայ հարթելու համար Ազգ. սահմանադրութեան: Արդէն, այլեւս նուիրականացած է այն երրորդութիւնը, որուն կը վերագրուի սահմանադրութեան ծննդոցը. Գրիգոր Օտեան, Նահապետ Ռուսինեան եւ Սերվիչէն:

Պատմագիր Յ. Ճ. Սիրունի իր «Պոլիս եւ իր դերը» կոթողային քառահատոր երկին մէջ վերոնշեալ երեք դէմքերը կը կոչէ «ռահվիրաներ»: Ան նկատել կու տայ, որ Սերվիչէն, երբ Եւրոպայէն Պոլիս վերադարձաւ, շուտով գործօն դերեր ստանձնեց սահմանադրութեան համար մղուող պայքարներուն մէջ ու առաջին մէկ օրէն հանդիսացաւ ռահվիրաներէն մէկը Զարթօնքի սերունդին: «Ինչ որ տարակոյսէ վեր է, այն պարագան է,- կը գրէ Սիրունի,- որ հայ ժողովուրդը սահմանադրութեամբ մը օժտելու գաղափարով ան խանդավառուած էր Ռուսինեանէն ու Օտեանէն իսկ առաջ, որոնցմէ մեծ էր տարիքով, եւ որոնցմէ աւելի կանուխ մտած էր հանրային կեանքի մէջ»:

Սերվիչէն, ճարտար բժիշկ մը ըլլալով մէկտեղ, էր նաեւ փորձառու օրէնսգէտ մը, լայնահորիզոն միտք մը, խոհական անձնաւորութիւն մը:

Թրքալեզու աղբիւր մը կը նշէ, որ օսմանեան սահմանադրութեան գլխաւոր դարբիններէն Միտհաթ փաշան (վարչապետ) 1870-ական թուականներուն գէթ շաբաթը անգամ մը կ՛այցելէր իր մտերիմ բարեկամին` Գրիգոր Օտեանի բնակարանը, ճաշի հիւրը կ՛ըլլար անոր, ու այնտեղ կը հանդիպէր նաեւ Սերվիչէնին` մտքի փոխանակումներ ունենալով սահմանադրական բարեփոխումներու ծրագիրներուն շուրջ:

Ծանօթ է, որ Պոլսոյ Ազգ. պատրիարքարանին գործերը բարեկարգելու, զանոնք կարգ ու կանոնի ենթարկելու ու ազգային-եկեղեցական կեանքը ժողովրդավար հիմերով առաջնորդելու գաղափարը ծլիլ սկսեր էր Պոլսոյ մէջ, 1840-ական թուականներու վերջերը, երբ պատրիարքարանի երդիքին տակ կազմուեր էին հոգեւոր եւ գերագոյն ժողովներ, մին` զուտ կրօնական, իսկ միւսն ալ` զուտ ազգային գործերով զբաղելու համար, նմանողութեամբը մեր օրերու Ազգ. Քաղաքական ու Կրօնական ժողովներուն:

Ծանօթ է նմանապէս, որ Ազգ. սահմանադրութիւնը բազմաթիւ փուլերէ, պայքարներէ ու ժողովրդային բուռն ցոյցերու բովէն անցաւ (1855-էն սկսեալ),  մինչեւ որ ստանար իր վերջնական ձեւաւորումը, ու մինչեւ որ խմբագրուած վերջին տարբերակը պաշտօնապէս ընդունուէր ու վաւերացուէր սուլթան Մեճիտի հրովարտակով, 17 մարտ 1863-ին, իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրող հայ հաւաքականութեան Նիզամնամէն (կանոնագրութիւնը), 99 յօդուածներէ բաղկացեալ:

Սերվիչէն խիստ առանցքային դերեր ունեցաւ ահաւասիկ այդ տարիներու բոլո՜ր բռնկումներուն ու նուաճումներուն մէջ: Անդամ ընտրուեցաւ Գերագոյն ժողովին, ատենապետութիւնը վարեց Ընդհ. ժողովի նիստերուն:

Այդ օրերուն էր (1853), օրինակ, որ կը կազմուէր Գերագոյն ժողովէն բխած առաջին ենթայանձնախումբը` Ուսումնական խորհուրդը, եւ որուն ատենապետութեան կը կոչուէր Սերվիչէն` իրեն գաղափարակից երկվեցեակ մը անդամներով շրջապատուած: Այս խորհուրդին պարտականութիւնն էր զբաղիլ կրթական ու վարժարանային հարցերով: Օրմանեան  սրբազան իր «Ազգապատում»-ին մէջ նկատել  կու տայ, որ Ուսումնական խորհուրդի անդրանիկ այս վարչութիւնը երեւելի դէմքերէ բաղկացած տիպար մարմին մըն էր, որուն «չկրցաւ հաւասարիլ յաջորդներէն եւ ո՛չ մէկը»:

Սերվիչէն նո՛ր մտայղացումներու, նորարար գաղափարներու մարդն էր: Եւ այս ծիրին մէջ պէտք է դնել իր այն արտասովոր առաջարկը, զոր ան ազգային մարմիններուն փոխանցեց 1854-ին, Ս. Փրկիչ Ազգ. հիւանդանոցին մէջ բանալու համար երկրագործական վարժարան մը:

Այդ տարիներուն երկրագործութիւնը յարգի մասնագիտութիւն մըն էր: Սերվիչէն կը մտածէր, որ հայ «աղքատ, որբ եւ անտերունչ» տղաք, իրենց թաղային դպրոցներէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք` գէթ հմտանային երկրագործական գիտութեանց մէջ, որպէսզի հետագային կարողանային իրենց կեանքը վաստկիլ: Այդ տղոց համար պիտի դասաւանդուէին տեսական ու գործնական պարտիզամշակութիւն, այգեգործութիւն, անասնաբուծութիւն, շերամաբուծութիւն, մետաքսագործութիւն եւ այլն, ձրիաբար, ու մի՛շտ Ուսումնական խորհուրդին կողմէ հայթայթուած միջոցներով:

Այս սքանչելի նախաձեռնութիւնը, սակայն, երկար պիտի չտեւէր: Երկրագործական վարժարանը (որ ունեցաւ 40 սաներ) պիտի ապրէր լոկ երկու տարի, ու փակուէր` նիւթական կամ այլ դժուարութեանց հանդիպելով: Ու հետաքրքրական է մտաբերել, որ երկրագործութեան կարեւորութիւնը օրակարգի վրայ պիտի մնար դեռ երկա՜ր տարիներ, մինչեւ իսկ արեւելահայոց մէջ: Միքայէլ Նալբանդեան` մոսկուաբնակ ազատատենչ բանաստեղծը, պիտի շարադրէր իր նշանաւոր գործը` «Երկրագործութիւնը որպէս ուղիղ ճանապարհ» ու զայն տպէր Փարիզի մէջ, 1862-ին:

Երկրագործական վարժարանին փակումէն ետք Սերվիչէն Ս. Փրկիչ հիւանդանոցը չհեռացուց իր ուշադրութենէն: Մինչեւ 1868, այս կամ այն ձեւով, ան կապեր ունեցաւ հիւանդանոցին հետ, մանաւանդ որ կը վարէր Ազգ. վարչութեան ատենապետի պաշտօնը:

Սերվիչէն երբեմն ունեցաւ նաեւ իր հակառակորդները, որոնք բացասական տրամադրութիւններ ուզեցին ստեղծել իրեն դէմ: Պատմութեան ծանօթ է իր վէճն ու խորունկ տարակարծութիւնները հայատառ «Մանզումէի Էֆքեար» թերթի խմբագրապետ Կարապետ Փանոսեանին հետ, ու այս վերջնոյն լրագրական անզուսպ յարձակումները հայ բժշկապետին դէմ` «Մանզումէի»-ի էջերէն…

Բայց Արփիար Արփիարեան կը պատմէ դէպք մը, որ թէ՛ ուսուցողական է, թէ՛ մտածել կու տայ.

Կը պատահի, որ օր մը պետութիւնը կը խափանէ «Մանզումէի»-ի հրատարակութիւնը` այնտեղ տպագրուած տեղեկատուութեան մը պատճառով: Սերվիչէն կամովին կը միջամտէ իր բարեկամ սպարապետ Ռետիֆ փաշայի մօտ` ապահովելով փակեալ լրագրին վերահրատարակութեան արտօնագիրը: Օրեր անց, երբ Փանոսեան ճամբան կը հանդիպի Սերվիչէնին ու մօտենալով անոր` կ՛ուզէ շնորհակալութիւն յայտնել կատարուած բարեխօսութեան համար, հայ բժշկապետը կը պոռայ անոր երեսն ի վեր.

– Կորսուէ՛ այստեղէն: Ես քեզի համար չէ, որ միջամտեցի. ես մամուլի ազատութի՛ւնն է, որ պաշտպանեցի…

Ու Արփիարեան կը շարունակէ. «Ցեղային առաքինութիւններու կենդանի արձանացումն էր Սերվիչէն: Իշխանական մարդ մը, որ ամուր դաստակով կը կառավարէր պատրիարքարանն ու Ազգ. ժողովը, ամէն ատեն որ պաշտօնի հրաւիրուէր»:

Սերվիչէն ապրեցաւ ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Հայկական հարցը դեռ նոր սկսեր էր խմորուիլ` Սան Ստեֆանոյի ու Պերլինի վեհաժողովներուն շուքին տակ (1878):

Ազգային ու պետական ականաւոր այս գործիչը կրնա՞ր հեռու մնալ իր շուրջը ծաւալող բախտորոշ իրադարձութիւններէն: Չե՛նք կարծեր:

Թէեւ վաւերաթուղթեր չկան, բայց կասկածէ վեր է, որ Սերվիչէն եւս իր բաժինն ունեցաւ հայութեան բաղձանքներուն դրսեւորումին մէջ` Սան Ստեֆանոյէն մինչեւ Պերլին: Ըստ Յ. Ճ. Սիրունիի, երբ Ներսէս պատրիարք Վարժապետեան յախուռն քայլով մը Սան Ստեֆանօ կը դիմէր, իր շուրջն ունէր խորհրդականներու սեղմ շրջանակ մը, որ կազմուած էր այդ օրերու ամէնէն կարկառուն դէմքերէն: Ու Սերվիչէն անոնցմէ մէկն էր:

Պատմութիւնը ծանօթ է. հայկական պատուիրակութիւնը Խրիմեանի գլխաւորութեամբ Պերլին մեկնելով, աւա՜ղ, ինկաւ խորամանկ թուրքին ծուղակը, խաբուեցա՛ւ, ու ի՛ր իսկ ձեռքով անշքացուց Սան Ստեֆանոյի մէջ ձեռք բերուած յաջողութիւնը` 16-րդ յօդուածը փոխակերպելով 61-րդի…

Սերվիչէն ամուսնացած էր ֆրանսուհիի մը հետ: Ունէր երկու մանչ եւ երկու աղջիկ զաւակներ: Մանչերէն անդրանիկը, որ իրաւաբանութիւն ուսած էր Ֆրանսայի մէջ, երիտասարդ հասակին զոհ գնաց անողոք հիւանդութեան մը` տապարի հարուած մը հասցնելով իր ծնողքին: Իսկ միւսը` Գաբրիէլ, վկայեալ երկրաչափ, հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մին եղաւ` իրաւագէտ-խորհրդականի հանգամանքով: Ինչ կը վերաբերի դուստրերուն (Մարի եւ Վերգին), ապա անոնք երկուքն ալ կնութեան տրուած էին համբաւաւոր բժիշկներու, որոնք միաժամանակ կը վարէին պետական բարձր պաշտօններ: Այդ բժիշկներէն մին տոքթ. Տիգրան փաշա Փէշտիմալճեանն էր (1838-1894), իսկ միւսը` տոքթ. Միքայէլ էֆ. Խորասանճեանը (1835-1903), երկուքն ալ` սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի անձնական բժիշկներ…

Իր կենդանութեան ծերունի բժշկապետը բախտն ունեցաւ հրատարակուած տեսնելու իր մասին կարճաշունչ մենագրութիւն մը, զոր գրի առաւ ու հրատարակեց տոքթ. Վահրամ Թորգոմեան` նախ Վիեննայի Մխիթարեանց «Հանդէս ամսօրեայ»-ին մէջ, այնուհետեւ ալ` առանձին գրքոյկով, 1893-ին: Թորգոմեան այս գրքին մէջ Սերվիչէնը կը նկատէր` «ԺԹ. դարու հայ բժշկութեան կենդանի փառքը», որուն առոյգ ծերութիւնը իր հիացումը շարժեր էր…

Սերվիչէն մահացաւ 2 հոկտեմբեր 1897-ին, 82 տարեկանին, Պոլիս:

Փառաւոր յուղարկաւորութիւն մը կատարուեցաւ Բերայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, պետական ու ազգային երեւելի դէմքերու ներկայութեան:

Ձեռքի տակ ունիմ Պոլսոյ երբեմնի «Բիւզանդիոն» օրաթերթի (1896-1918) երկու հնամաշ թիւեր, որոնք կ՛անդրադառնան Սերվիչէնի մահուան եւ մանրամասնութիւններ կու տան անոր թաղման արարողութեան մասին:

Այդ թիւերէն առաջինը կը կրէ 4 հոկտեմբեր 1897 թուականը: Բաւական ընդարձակ յօդուած մըն է ասիկա, մահագրականի բնոյթով, որ արժեւորումը կը կատարէ անհետացող բժիշկին: Յօդուածը թէեւ անստորագիր է, սակայն սխալ չէ ենթադրել, որ անիկա կը պատկանի թերթին խմբագրապետ Բիւզանդ Քէչեանի գրչին:

Իսկ երկրորդը կը կրէ 6 հոկտեմբեր 1897 թուականը, եւ ուր կը նկարագրուի Սերվիչէնի յուղարկաւորութիւնը: Կ՛ըսուի, թէ եկեղեցւոյ մէջ դամբանական խօսած է Օրմանեան պատրիարք` նշելով, որ ողբացեալը «հաւասարապէս օգտակար եղած է տէրութեան եւ ազգին»: Թաղումը կատարուած է Շիշլիի գերեզմանատունը, ուր հրաժեշտի խօսքեր արտասանած են Գաբրիէլ էֆ. Նորատունկեան եւ տոքթ. Վահրամ Թորգոմեան:

Սերվիչէ՜ն: Պատուաբե՛ր անուն մը, զոր պէտք չէ մոռնալ:

(Շար. 2 եւ վերջ)

Հալէպ

 

Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Ամերիկացի Թրքուհիին Դիմանկարը

$
0
0

harut-sassunian1ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թէեւ ամերիկահայերը ուշի ուշով կը հետեւին Թուրքիոյ եւ անոր լոպիստական ընկերութիւններու չարամիտ ջանքերուն, սակայն հազուադէպօրէն ուշադրութիւն կը դարձնեն փոքրաթիւ ամերիկացի թուրքերու վրայ, որոնք կա՛մ Թուրքիոյ կառավարութենէն վճարուելով, կա՛մ ալ կուրօրէն, թիւր հայրենասիրական զգացումներէ մեկնած, քարոզչական գործունէութիւն կը ծաւալեն…

Նման ամերիկացի թուրքերէն մէկն է Օյայ Պէյն, որ թրքական ժխտողական HistoryofTruth.com կայքով վերջերս հրապարակուած հարցազրոյցի մը մէջ կը ներկայացուի իբրեւ «Ամերիկայի թրքական սփիւռքի շատ աշխուժ անուններէն մէկը»: Ան Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող թրքալեզու 60 միութիւններու համախմբման մէջ Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարի (ԹԱԸՀ) խորհուրդի անդամ է:

Պէյն կը պնդէ, որ ԹԱԸՀ-ի երկար տարիներու ջանքերէն ետք Ամերիկայի ամբողջ տարածքին կազմակերպելով «դասախօսութիւններ, համաժողովներ եւ ծրագիրներ` հայկական սուտ պնդումներուն մասին, վերջապէս այս ծրագիրները` իրենց յաճախականութեամբ եւ թափով, 2015 թուականին (Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակ) հասան իրենց գագաթնակէտին»: Ան կ՛աւելցնէ, որ` «զգալիօրէն աճած է թիւը լուրջ մտաւորականներու եւ ակադեմականներու, որոնք անաչառօրէն կ՛ուսումնասիրեն օսմանեան ժամանակաշրջանը Ա. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին եւ կը հրապարակեն իրենց եզրակացութիւնները` առանց նախորդ տարիներու հայկական սպառնալիքներու եւ ահաբեկման»:

Հետաքրքրական է, որ Պէյն կ՛օգտագործէ «մենք ունինք լուրջ մտաւորականներ» բանաձեւը, երբ կը թուէ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ ժխտողական կեցուածք ցուցաբերող գրողներու անունները, ինչպէս` Էտ Էրիքսըն, Մայքըլ Կունթըր, Կիւնթեր Լուի, Թալ Պուէնոս, Ճերըմի Սալթ, Նորմըն Սթաուն, Քրիսթըֆըր Կան, Մաքսիմ Կոյին եւ Փեթ Ուալշ: Արդեօք ճիշդ ի՞նչ նկատի ունէր Պէյն` ըսելով, թէ «մենք ունինք» զանոնք: Այս արտայայտութիւնը անշուշտ «մահացու հարուած» մըն է ինքզինք յարգող ոեւէ մտաւորականի համար…

Պատասխանելով Ուաշինկթընի հայերու եւ թուրքերու միջեւ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցումին, Պէյն, առիթէն օգտուելով, կը յարձակի Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին վրայ. «Այո՛, մենք բարեկամներ ունինք հայկական համայնքին մէջ: Թուրքիոյ հայերը ջերմ են, ընկերական եւ կը սիրեն մեզ: Սակայն մենք կը բախինք Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին պէս կառոյցի մը, որ անդրդուելիօրէն թշնամական եւ բացասական կազմակերպութիւն մըն է, նաեւ` նախապաշարումներու, չափազանցութիւններու եւ բացայայտ կեղծիքներու լրատուական միջոցներու մէջ, քաղաքական թէ գիտական շրջանակներու մօտ»: Պէյնին նաեւ հաճելի չեն թուիր իմ շաբաթական յօդուածներս. «Տակաւին վերջերս, ծայրայեղական գրող Յարութ Սասունեանի 20 հոկտեմբեր 2015 թուականի յօդուածը վերնագրուած էր «Ցեղասպանութեան ժխտումը արգիլելու համար Եւրոպական դատարանը հայերը կը մղէ բռնութեան»:

Փակելով իր աչքերը Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ ամէն տարի ծախսուող միլիոնաւոր տոլարներուն վրայ` քաղաքական գործիչներ, լրագրողներ եւ հեղինակներ, այսպէս ըսած «մտաւորականներ» շահագործելու համար, Պէյն չափազանցուած չափերու կը հասցնէ Հայ դատի յանձնախումբին եւ Հայկական համագումարին չնչին միջոցները` զանոնք անճշդօրէն նկարագրելով իբրեւ «լաւ ֆինանսաւորուած, շքեղ գրասենեակներ եւ մեծ աշխատակազմ ունեցող կառոյցներ», շեշտելով, որ «սա անկասկած հսկայական առեւտուր է»:

Պէյն հպարտօրէն կը յայտնէ, որ Ներկայացուցիչներու տան մէջ թրքական խմբաւորումը ներկայիս ունի 151 անդամ` 2005 թուականի 62-ի փոխարէն: Ընդունելով, որ դրամով քուէներ կը գնուին, ինչպէս եղաւ պարագան Ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ Տընիզ Հասթըրթի, ան կը պնդէ. «Մենք այնքան քուէներ չունինք, ինչպէս հայկական եւ յունական համայնքները, սակայն կրնանք ֆինանսական եւ կամաւոր աջակցութիւն ապահովել»: Ապա Պէյն կը յարձակի ծերակուտական Մենենտեզի եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Փալոնի եւ Փելոսիի վրայ` զանոնք բնութագրելով իբրեւ «(Քոնկրեսի) անուղղելի անդամներ, որոնք շատ կարծր եւ թշնամական են թուրքերու հանդէպ»:

Որպէս վարժ քարոզչութիւն ընող` ամերիկացի թրքուհին կը նշէ, որ իր կազմակերպութիւնը կը փորձէ սիրաշահիլ (ես կ՛ըսէի` «խաբել») Քոնկրեսի անդամները` անոնց ներկայացնելով «Հայաստանի հետ հաշտեցման պատգամ» մը: Ապա իբրեւ օրինակ ան կը մէջբերէ «ԹԱԸՀ-ի զօրակցութիւնը 2009 թուականի հայ-թրքական արձանագրութիւններուն, յատկապէս անաչառ պատմաբաններէ կազմուած անկախ յանձնաժողովի ստեղծման ուղղութեամբ` հայ-օսմանական հակամարտութիւնը ուսումնասիրելու նպատակով»: Պարզ է, որ շատ ձեռնտու կը թուի Պէյնի` մոռացութեան տալ այն, որ Թուրքիա յամառօրէն կը հրաժարի վաւերացնելէ այդ արձանագրութիւնները…

Ընդունելով, որ ԹԱԸՀ-ը հիմնուած է 1979-ին, այդ օրերու Ամերիկայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Շիւքրու Էլեքտաղի կողմէ, Պէյն ակամայ կը բացայայտէ ԹԱԸՀ-ի քաղաքական ընդարձակ գործունէութիւնը, որ կը խախտէ կազմակերպութեան ոչ շահութաբեր կարգավիճակը…

Անխոհեմօրէն ան կոչ կ՛ընէ ԹԱԸՀ-ի խումբերուն` «դուրս գալ այն վտանգաւոր մտածելակերպէն, թէ իբրեւ 501-c-3 (ոչ շահութաբեր) կազմակերպութիւն` իրենք չեն կրնար քաղաքականապէս աշխուժ ըլլալ: Այս մօտեցումը լրջօրէն կը խոչընդոտէ մեր ջանքերը` վիճարկելու համար շրջանի հայկական ամբաստանութիւնները»:

Պէյնի այս արտայայտութիւնը հիմք ընդունելով` պէտք է բողոք ներկայացնել Ամերիկայի Ներքին եկամուտներու ծառայութեան (IRS)` սահմանափակելու կամ դադրեցնելու համար ԹԱԸՀ-ի լոպիստական գործունէութիւնը:

Հաւանական է, որ ԹԱԸՀ-ը կը խախտէ Միացեալ Նահանգներու այլ օրէնքներ եւս: ԹԱԸՀ-ի եւ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան միջեւ յարաբերութիւնները որակելով իբրեւ «գերազանց»` Պէյն կ՛ընդունի, որ Ուաշինկթընի մէջ իրարու յաջորդող թուրք դեսպանները մշտապէս «մեծ աջակցութիւն» կը ցուցաբերեն ԹԱԸՀ-ի, ինչպէս օրինակ` «դեսպանատան մէջ տեղի ունեցող բազմաթիւ հանգանակային հոյակապ ձեռնարկներու» հովանաւորումը: Կը թուի, թէ ան չի գիտակցիր, որ իր գոռոզ բացայայտումներով կրնայ ԹԱԸՀ-ն կանգնեցնել իրաւական լուրջ խնդիրի մը դիմաց, որ կը պահանջէ արձանագրուիլ Ամերիկայի արդարադատութեան նախարարութեան մէջ իբրեւ «օտարերկրեայ գործակալ»:

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Պէյն կը մեղադրէ ամերիկեան լրատուական միջոցները «կողմնակալութեան, Թուրքիոյ մասին որեւէ լաւ լուր արգիլելու եւ քողարկուած խտրականութեան մէջ», ապա կ՛աւելցնէ. «Լրատուական միջոցներու կողմնակալութիւնը շատ աւելի վատթարացաւ 24 ապրիլ 2015-ին` հարիւրամեակի հայկական պահանջներու ժամանակ… Ամենայն հաւանականութեամբ, 100 տարի եւս կը պահանջուի` հակադարձելու եւ թիւրիմացութիւնները ուղղելու համար»:

Պէյն ապարդիւն յոյսեր կը փայփայէ` ըսելով, որ` «յառաջիկայ 100 տարուան ընթացքին հայկական կեղծիքն ու քարոզչութիւնը կը մաքրուին, եւ երեւան կու գայ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը հայ-թրքական ողբերգութեան մասին` յարգելով երկու ժողովուրդներու 1915 թուականի տառապանքներն ու կորուստները: Ես կը կարծեմ, որ գռեհիկ քարոզչութեան պատճառով ներկայիս այնքան արժեզրկուած է հայկական ողբերգութիւնը, որ աւելի վար իջնելու տեղ չունի… Ցանկալի է, որ համացանցը ի վերջոյ մաքրուի հայկական պահանջատիրութեան մասին սուտ տեղեկատուական աղբէն: Լիայոյս եմ յաջորդ 100 տարուան համար: Հոսանքի ուղղութիւնը արդէն կը փոխուի»:

Անհրաժեշտ է, որ հայերը հակազդեն ոչ միայն թրքական կառավարութեան լոպիստական քարոզարշաւներուն, այլեւ Օյայ Պէյնի նման «միայնակ գայլերուն»` առանց երբեք անցնելու բարեկրթութեան եւ օրինականութեան սահմանները…

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Գառնիկ Բանեանի «Յուշեր Մանկութեան Եւ Որբութեան» Գիրքը

$
0
0

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Գառնիկ կը կորսնցնէ իր մայրը, քոյրը` Զառուկը եւ եղբայրը` Աւոն այս գաղթակայանին մէջ: Անոնք կը մահանան յոգնութեան, անօթութեան, ծարաւի եւ հիւանդութեան պատճառով: Փոքրիկն Գառնիկ ինքզինք կը գտնէ Համայի Հայ բողոքական որբանոցին մէջ: «Կարպիս էմմին ձեռքէս բռնած` չեմ գիտեր ուր կը տանէր զիս: Մեծ  մայրս վիզս ինկած` լալով համբուրեց զիս, մեծ հայրս ալ երկա՜ր-երկար գլուխս շոյեց, երեսս համբուրեց ու սկսանք երթալ: Մինչեւ գաղթակայանէն դուրս գալս` շարունակ ետեւ կը նայէի, մեծ մայրս, մեծ հայրս կը փնտռէի: Ու հասանք որբանոց, որ կը պատկանէր հայ բողոքական պատուելիի մը, որ շատ բարեսիրտ եւ հոգատար էր, որբերուն ընկերն ու հայրիկն էր: Ան ամէն գիշեր բարոյական խօսքերով եւ աղօթքներով կը սփոփէր որբերը: Ան որբանոցին մատակարարն էր եւ  անձամբ կ՛ապահովէր որբանոցի կերակուրի պաշարը շրջանի քրիստոնեայ գիւղերէն»:

Անթուրայի քոլէճ որբանոցը

Անթուրայի քոլէճ որբանոցը

Փոքրիկն Գառնիկ կը վայելէ որբանոցին հաճելի, հանգստաւէտ եւ հայկականութիւն ու քրիստոնէութիւն բուրող կեանքը եւ հոն աշխատող հայ մայրիկներուն որբախնամ հոգածութիւնն ու սէրը: Երկար չի տեւեր Գառնիկին որբանոցի խաղաղ եւ հանգստաւէտ կեանքը: Օր մը պատուելին կը հաւաքէ բոլոր որբերը եւ արցունքոտ աչքերով, շրթունքները դողալով եւ մելամաղձոտ նայուածքով կ՛ըսէ` «Իմ ո՛րբ տղաքս, այսօր մեր վերջին ընթրիքը ըրինք այս յարկին տակ, վաղը առտու կանուխ շոգեկառքով պիտի մեկնիք Լիբանան կոչուած երկիրը: Ճեմալ փաշայի հրահանգով դուք պիտի դառնաք իր` Այնթուրայի որբանոցին որբերը: Ճեմալ փաշայի ներկայացուցիչները ինծի հաւաստիացուցին, որ ճեմալ փաշան ձեզ պիտի կրթէ, պարկեշտ մարդիկ պիտի պատրաստէ հայրենիքին համար: Մինչեւ հիմա զաւակներս էիք, հայ էք եւ հայ ալ պիտի մնայիք: Աշխատեցէք ձեր հայութիւնը պահել, ի՛նչ վիճակ ալ ստեղծուելու ըլլայ. հայերէն լեզուն եթէ արգիլեն` աղօթեցէք հայերէն լեզուով: Ամուր պահեցէք ձեր հաւատքը: Ձեր հաւատքն ու կամքը միացուցէք իրարու, չըլլայ որ տկարանաք եւ ձեր ազգութիւնն ու կրօնը կորսնցնէք»:

Ահա հոս կը սկսի հինգ տարեկան Գառնիկի որբութեան տաժանակիր ոդիսականը: Փոքրիկն Գառնիկ հարիւրաւոր որբերու հետ շոգեկառքով կ՛ուղղուին դէպի Պէյրութ` անցնելով Հոմսէն եւ Պաալպեքէն: Անոնք կը հասնին Լեռնալիբանանի Այնթուրա գիւղաքաղաքը ուշ գիշերով եւ մուտք կը գործեն  Ճեմալ փաշայի որբանոցը, ուր որբ Գառնիկ կը մնայ երեք տարի: Այս երեք տարիները կ՛ըլլան անոր որբութեան ամէնէն վատ, սրտաճմլիկ, դժոխային եւ սարսափազդու տարիները: Առաջին օրէն կը սկսի բոլոր հայ որբերուն եւ Գառնիկի որբութեան ողբերգութիւնը թրքատիպ մթնոլորտի մէջ: Անոնք կը վայելեն կեանքի դառնութիւնը, կը մատնուին անօթութեան, սովի եւ ծարաւի, կ՛ենթարկուին թրքացումի եւ իսլամացումի, որոնք կը կատարուին ծրագրուած եւ պարտադիր դասընթացքներով: Անոնց հայկական անունները կը փոխարինուին թրքական եւ իսլամական անուններով: Գառնիկ կը կոչուի թրքական անունով` Մահմուտ եւ կ՛ունենայ թիւ մը` 551: Որբերը ստիպողաբար կը սորվին թրքերէն լեզուն: Հայերէն խօսիլը կ՛արգիլուի: Հայերէն խօսող, աղօթող եւ կամ երգող որբերը կ՛ենթարկուին  զանազան եւ անխնայ պատիժներու ու չարչարանքներու, որոնցմէ յատկանշական կ՛ըլլայ «ֆալախա»-ն, այսինքն`  ոտքերու ներբաններու գանակոծում երկաթեայ ձողով: Անոնց կը փոխանցուին իսլամ կրօնի սկզբունքները: Տղայ որբերը կը թլփատուին: Հիւանդ որբերը կը մնան անխնամ: Շատ մը որբեր ծեծի տակ կը մահանան, որովհետեւ անոնք հայերէն կը խօսէին: Մօտաւորապէս 300 հայ որբեր կը մահանան 2 տարուան ընթացքին Այնթուրայի որբանոցին մէջ սովի, ծեծի եւ վարակիչ հիւանդութիւններու պատճառով: Անոնք կը թաղուին որբանոցի շրջափակին մէջ անշուք տեղ մը:

Այնթուրայի Որբանոցին հաւաքական ննջասրահը

Այնթուրայի Որբանոցին հաւաքական ննջասրահը

Գառնիկ Բանեանի Այնթուրա որբանոցի կեանքին կապուած հետեւեալ մի քանի յուշերը մեզ կը մղեն ճանչնալու Ճեմալ փաշայի որբանոցին ահաւորութիւնը եւ իրողական վիճակը:

«Կարգը ինծի եկաւ. երբ անունս հարցուց, մեքենաբար պատասխանեցի` Գառնիկ: Ահռելի ապտակ մը` եւ ես լաց ու ճիչով գետին կը գալարուէի: Ապտակով չգոհանալով` սկսաւ կօշիկին քիթով կողերս հարուածել: Մարեր էի ու երբ աչքս բացի, ինքզինքս գտայ անկողնի մէջ: Երկու օր վերջ իմացայ, որ գտնուած տեղս հիւանդանոց էր, բայց ի՜նչ հիւանդանոց»:

«Հայերէն բառ մը ըսելուս պատճառով պատիժս կրեցի: Նոյն իրիկունը պառկեցայ ֆալախայի հարուածներուն տակ: Առաջին հարուածին իսկ բերնէս մամա՜ մամա՜ դուրս թռաւ եւ անկէ ետք չեմ յիշեր քանի հարուած իջաւ ոտքերուս: Երբ աչքս բացի հասկցայ, որ հիւանդանոցի մէջ էի:

«Դասարանի դրան ետեւ կայ խուրձ մը` հաստ ու բարակ գաւազաններ, ու ֆալախայի գործիքը պատէն կախուած եւ պատուհանի երկաթէ ձողին վերի ծայրէն կախուած էր հաստ պարան մը` պատժուող աշակերտը ոտքերէն կախելու համար:

«Օր մըն ալ դասարանի տղաներէն մէկը ուսուցչուհիին հայհոյեց` անոր գաւազանի հարուածներուն դէմ բողոքելով, ուսուցչուհին մոլեգնած` կանչեց բակին մէջ շրջագայող զինուորը եւ հրամայեց, որ տղան կախուի դասարանին մէջ. տղան ընդդիմացաւ, պոռաց, կանչեց, բայց օգուտ չըրաւ, ոտքերէն կապեցին եւ կախեցին:

«Ամէն իրիկուն ժամացոյցի հրապարակին կեդրոնը հազարի մօտ որբերու ներկայութեան թրքական դրօշակը իր բարձր կայմէն վար առնելու արարողութիւնը կը կատարուէր եւ որբերը բարեւի կեցած` կը պոռային` «Եաշա ճեմալ փաշա»: Ապա  դոյլերով ջուր եւ խուրձերով գաւազաններ ու ֆալախայի գործիքներ կը բերուէին: Տնօրէն ֆէվզի պէյ ձեռքին մէջ թերթ մը թուղթ բռնած` կը կարդար անունները այն տղոց, որոնք ծանր յանցանքներ գործած ըլլալով` ֆալախայի արժանի համարուած էին: Երկու զինուորներ դատապարտեալը գետին կը պառկեցնէին, ոտքերը կը դնէին ֆալախայի գործիքին մէջ, գործիքին երկու ծայրերէն բռնած` կը բարձրացնէին: Ֆէվզի պէյ հարուածները կը տեղացնէր աներեւակայելի անգթութեամբ: Դատապարտեալը կը գալարուէր, կը ճչար, մամա՜, մամա՜  կը պոռար ու կը լռէր. ապա կը ղրկուէր հիւանդանոց:

«Օրական երկու ճաշ ունէինք, ժամը 11-ին եւ 5-ին: Ամէն ճաշ կը բաղկանար պզտիկ ընկոյզի մեծութեամբ հացէ եւ 5-6 հատ ձիթապտուղէ. որբերը  չէին կշտանար, անօթի էին շարունակ, հաց կը փնտռէին, խումբեր կազմելով` գողութեան սկսան շտեմարանէն:

«Որբերը ի բնէ գող չէին, թուրքը ինքը մղեց,  որ գողութեան դիմէին:

Գողութեան աւարները բաւարար չէին: Որբերը որբանոցի սահմանէն դուրս կու գային եւ մեռած կենդանիներու` շնագայլի, աղուեսի, իշու, կովու ոսկորները կը հաւաքէին: Ոսկորները սալաքարի մը վրայ խոշոր քարերով կտոր կտոր կ’ընէին, եւ մենք բոլորս կ՛ուտէինք ձաւարի նման ոսկորներու կոտրտուքները: Ես ալ իմ ուժերուս ներած չափով այս աշխատանքին լծուեցայ»:

Ութ տարեկան որբ Գառնիկ մաս կը կազմէ խումբի մը, որ յանդուգն որոշում կ՛առնէ` փախչիլ եւ հեռանալ որբանոցէն: Որբ տղաք կը մօտենան իրարու եւ ընկերային նոր կորիզ մը կը ստեղծեն, այս բոլորը` կարենալ ապրելու համար: Վեց երկար ամիսներ խումբը կը թափառի լեռներու եւ ձորերու մէջ. անոնք կ՛ապրին քարանձաւներու մէջ եւ կ՛ունենան մեծ արկածախնդրութիւններ: Անոնք կը պայքարին դաժան բնութեան դէմ հայու զօրաւոր կամքով: Խումբին անդամները, յուսալքուած իրենց անորոշութենէն, միաձայնութեամբ կ՛որոշեն վերադառնալ որբանոց: Վերադառնլէ ետք Գառնիկ կը լսէ իր ընկերներուն հայերէն խօսակցութիւնը, թուրք զինուոր պահակներու բացակայութիւնը: Ան կ՛անդրադառնայ, որ հիմնական բան մը փոխուած է որբանոցէն ներս: Յաջորդ օր ան կը տեսնէ բոլոր ուսուցիչները պայուսակներով պատրաստ` մեկնելու վիճակի մէջ: Գառնիկին կը մօտենայ իր դասարանի պատասխանտու թուրք  ուսուցչուհին, որ որոշ համակրանք մը ունեցած էր իրեն հանդէպ, եւ կ՛առաջարկէ իրեն հետ տանիլ զինք որպէս որդեգիր: Սակայն Գառնիկ կը մերժէ կտրուկ ձեւով: Թուրքերը մեկնած էին: Որբանոցը  հայացած էր: Հայ որբերը ազատած էին թրքացումի վտանգէն:

 թրքացուած հայ որբեր

թրքացուած հայ որբեր

Որբանոցը կը ստանձնէ Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյցի (ՄԱԱՆ – American Near East Relief) ղեկավարութիւնը: Շուտով կը հասնի հայերէ եւ ամերիկացիներէ կազմուած ազնիւ եւ քաղաքավար պաշտօնէութիւնը` կազմակերպելու համար որբանոցը:  Շուտով որբանոցը կը հայանայ: 670 հայ որբերուն կը վերադարձուին անոնց հայկական անունները, կը ջնջնուին անոնց նշանակուած թիւերը: Հոն կը դասաւանդուին հայերէնով զանազան նիւթեր հայ ուսուցիչներու կողմէ: Ամանորին կը կատարուին հանդէսներ եւ խրախճանք, եկեղեցական արարողութիւններ: Երեք ու կէս տարի տառապելէ, նախատուելէ, ծեծի եւ ֆալախայի պատիժներէ եւ  մօտ երեք հարիւր անմեղ որբերու մահէն ետք ազատագրուած եւ հայացած որբերու բանակը դուրս կու գայ սովի բոյնէն եւ չարչարանքի կայանէն` Այնթուրայի որբանոցէն: Անոնք հանգստաւէտ շոգեկառքով կ՛ուղղուին դէպի Պէյրութ` անցնելէ ետք Զուք քաղաքը: Պէյրութէն ետք անոնք պիտի ուղղուէին դէպի Կիլիկիա` Այնթապ:

Խոր յուզում  եւ ցաւ զգացի, երբ կարդացի Գառնիկ Բանեանի որբութեան  յուշերը: Օրերով մնացի խորասուզուած իմ ներաշխարհիս մէջ եւ շարունակ կը կրկնէի ես ինծի` ի՜նչ խիղճ, ի՜նչ անարդարութիւն, ի՜նչ մարդկային ողբերգութիւն, ու մանաւանդ` ո՞ւր էիր Աստուած…

Գառնիկ Բանեանի յիշողութեան մէջ արմատացած կը գտնենք իր եւ իր տարեկից որբերու կրած ֆիզիքական եւ հոգեբանական ցաւերը եւ մղձաւանջը, նուաստացումի, ճնշումի եւ ընկճուածութեան ահաւորութիւնը ու մանաւանդ` թրքական ստորին կարգախօսը, որ կ՛ըսէ` «Հայ ըլլալը պատժելի ոճիր մըն է»:

Գառնիկ Բանեան իր «Որբութեան յուշեր»-ով կու գայ բացայայտելու, որ Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած եւ վերապրած որբերը իրենց մանուկ հասակին մէջ տառապեցան երկար տարիներ. անոնք առանց գիտնալու իրենց շուրջը պատահած իրադարձութիւնները` դիմադրեցին կեանքի դաժան դառնութեան դէմ հայու բնածին տոկունութեամբ, քաջութեամբ եւ համբերութեամբ` պարզապէս ապրելու համար: Անոնք պայքարեցան աննկուն կամքով թրքացումի սարսափազդու ծրագրին դէմ: Անոնք հաւաքական վճռակամութեամբ որոշեցին կառչած մնալ հայկական արմատներուն եւ ինքնութեան ու վերջապէս յաղթանակեցին:

Գառնիկ Բանեանի յուշերով առաւել կը փաստարկուի Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը եւ Հայ դատի իրաւականութիւնը, զոր թուրքը խեղաթիւրել կը փորձէ շարունակ իր թրքատիպ սուտերով:

Ուրախ եմ, որ այս գիրքը արդէն անգլերէնի թարգմանուած է Սիմոն Պէօճէքեանին կողմէ «GOOD-BYE ANTOURA» տիտղոսով: Վստահ եմ` ան մեծապէս պիտի նպաստէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման քարոզչական աշխատանքներուն: Անոր միջոցով օտար շրջանակներ իրազեկ պիտի դառնան Այնթուրայի որբանոցի պատմութեան եւ անոր ընդմէջէն` Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայ դատին:

Գառնիկ Բանեան Այնթուրայի որբանոցի որբերուն հետ կը փոխադրուի Այնթապ` ՄԱԱՆ-ի որոշումով: Հոն կը մնայ քանի մի ամիս եւ կ՛ունենայ համեմատաբար հանգիստ շրջան մը: Շուտով կը սկսի Այնթապի հերոսամարտը: Ֆրանսական ուժերը կը լքեն Կիլիկիան եւ նոր որոշումով մը որբերը կը ղրկուին Հալէպ եւ հոնկէ Պէյրութ: Անոնք կայք կը հաստատեն Քարանթինա կոչուած ծովեզերեայ վայրի մը մէջ, ուր կը մնան 2-3 ամիս եւ ի վերջոյ կը փոխադրուին Ժիպէյլի որբանոցը:

Գառնիկ Բանեան որբանոցէն ետք նետուած է կեանքի ասպարէզ. արհեստի ճամբով զբաղած է ելեկտրական գործերով: Ուսման անյագ փափաք ունենալով` արհեստը կէս ձգած է ու մտած է Պէյրութի Համազգայինի նորաբաց Ճեմարանը, 1930-ին: 1935 յունիսին եղած է Ճեմարանի առաջին հունձքի 8 շրջանաւարտներէն մէկը: Այնուհետեւ իր կեանքը եղած է ուսման, դասաւանդութեան եւ գիրի, գրականութեան աշխարհը: Ամուսնացած է եւ ունեցած երկու զաւակներ` Հուրի եւ Շաղիկ: Ճեմարանի մէջ եւ այլուր ճանչցուած է իբրեւ հայոց լեզուի եւ հայագիտական նիւթերու ուսուցիչ: Ան Լեւոն Շանթի տնօրէնութեան ժամանակ վարած է փոխտնօրէնի պաշտօն, իսկ Սիմոն Վրացեանի ժամանակ, Մուշեղ Իշխանի հետ նշանակուած է տնօրէնի օգնական: 1936-ին, իր շրջանաւարտ ընկերներուն հետ միասին, Գառնիկ Բանեան հիմը դրած է Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան: 1944-ին եղած է հիմանդիր անդամ Շրջանաւարտից միութեան պաշտօնաթերթ «Ակօս»-ին եւ ստանձնած` խմբագրութեան պաշտօնը:

Գառնիկ Բանեան միշտ գործուն եղած է «Համազգային»-ի մէջ` մերթ իբրեւ սոսկ անդամ, մերթ իբրեւ վարչական եւ մերթ իբրեւ քարտուղար ու գործավար: Պատանեկութեան տարիներուն անդամակցած է ՀՅԴ շարքերուն եւ վարած` պատասխանատու պաշտօններ: Գառնիկ Բանեան իր մասնակցութիւնը բերած է` Ազգային իշխանութեան զանազան մարմիններուն մէջ, մասնաւորաբար Ազգային խորհուրդի իբրեւ անդամ եւ ատենապետ: Եղած է ազգային երեսփոխան. Քաղաքական ժողովի  եւ Գաւառական ժողովի կարկառուն դէմքերէն: 1970-ին պարգեւատրուած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով` Խորէն Ա. կաթողիկոսին կողմէ, իր երկարամեայ կրթական, մշակութային եւ ազգային գործունէութեան համար: Մահացած է 23 յուլիս 1989-ին, Պէյրութ:

Մոնրէալ
30 նոյեմբեր, 2015

(Շար. 2 եւ վերջ)

 

 

 

 

 

Դաշնակցական Երիտասարդը Մարտնչող Է

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՎԻԳԷՆ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

0126youthconference1

2016-ի յունուար 21-23 երկարող շրջանին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններու համագումարը, ուր ներկայացուած էին կազմակերպական բոլոր միաւորները` Հայաստանէն Արցախ, մինչեւ Լիբանան, Ֆրանսա, Շուէտ եւ Հոլանտա, Ամերիկա ու Քանատա, Սուրիա, Հարաւային Ամերիկա եւ այլուր: Իր օրակարգերուն ընդմէջէն համագումարը քննարկեց հայ երիտասարդութեան դիմագրաւած ազգային մարտահրաւէրները եւ այդ պարունակին մէջ` ՀՅԴ երիտասարդական միաւորներու դերակատարութիւնը:

Կարելի չէ կարճ գրութեամբ մը համապարփակ քննարկումներ կատարել մեր երիտասարդութիւնը յուզող խնդիրներուն մասին, ո՛չ ալ` յաւակնութիւնը ունենալ իւրացուցած ըլլալու հիմնական հարցերու համայնապատկերը: Կը հաւատանք սակայն, որ անկեղծօրէն մտորումներ բաժնեկցիլը այսպիսի առիթով մը` կրնայ միայն նպաստել հարցերու «տիալեքթիք» քննարկման, բան մը, որ ցաւօք սրտի կը պակսի մեր իրականութեան մէջ այսօր:

Դաշնակցական երիտասարդը կը գտնուի իւրայատուկ  իրավիճակի մը մէջ: Մէկ կողմէ ան անզանազանելի է համաշխարհային երիտասարդութենէն` հետաքրքրութիւններով, հաղորդակցութեան եւ հաղորդականութեան իր ոճով եւ ինքնըստինքեան իր կապուածութեամբ միջազգային երիտասարդութեան ներաշխարհին մէջ հնչեղութիւն (resonance) գտած հարցերու: Միւս կողմէ, սակայն, դաշնակցական երիտասարդութիւնը եզակի է իր տեսակին մէջ: Վայրկեան մը մոռնալով տեսական, գաղափարախօսական, արեւելման կեդրոնացումը` դաշնակցական երիտասարդին մէջ կայ ենթակայական իւրայատկութիւն մը, որ զայն կը շաղկապէ իր տեսակին` գերազանցելով ներմշակութային բոլոր տարբերութիւնները:

Կարելի է այս իրականութեան մասին քննարկումներ կատարել հոգեվերլուծական մակարդակներու վրայ, սակայն, ի վերջոյ, պարզապէս այդպէս է, որովհետեւ դաշնակցական երիտասարդը ժառանգորդն է աւանդի մը` դաշնակցական արժէքներու աւանդին, որ զինք կը միաւորէ մարտնչող ակունքներու փառահեղ փորձառութեան հետ: Անոր յաջողութեան գրաւականը, հինաւուրց օրերէն մինչեւ այսօր, եղած է այն, որ նոյն տեսակը` դաշնակցականի տեսակը ըլլալու ըմբռնումին մէջ չկան տարակարծութիւններ: Այս տեսակի նոյնութիւնն է, որ դաշնակցական երիտասարդին կը ներշնչէ ինքնավստահութիւն` ամբողջական ճկունութեամբ գործելու տարբեր երկիրներու մէջ, պայմաններու ստեղծած հրամայականներուն հիման վրայ, ապակեդրոնացման ստեղծած կարելիութիւններուն հիման վրայ, որպէսզի աշխատանքները եւ ծրագիրները յաջողութեամբ պսակուին, եւ որպէսզի երիտասարդականի քաղաքական ներգործօն մասնակցութիւնը` անոր «աքթիվիզմ»-ը, խարսխուի տուեալ երկրի քաղաքական դաշտին ընձեռած կարելութիւններուն վրայ:

Դաշնակցական երիտասարդին տեսակը իւրայատուկ է, սակայն անոր շարժումը առանձին չէ, ո՛չ ալ կրնայ գոյատեւել առանձնութեան մէջ: Հայ դատի լուծումը ազգային կամքի անհրաժեշտութիւն կը պահանջէ, սակայն անոր լուծման ընթացքն ու արդիւնքը միջազգային պարունակի մէջ միայն կրնան իմաստաւորուիլ: Հետեւաբար դաշնակցական երիտասարդին գործունէութիւնը չի կրնար կղզիացած ըլլալ: Ան պարտի առնչուիլ երիտասարդական այլ շարժումներու հետ, որոնք նաեւ կը սնանին քաղաքական գիտակցութեան ընձեռած աւիւնէն: Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան կազմակերպական կեանքէն ներս կան այս մօտեցման խօսուն օրինակները` Պուէնոս Այրեսէն Լոս Անճելըս, սակայն կարեւոր է զայն դարձնել մեր հայեցակարգային պատկերացումներու անբաժան մէկ մասնիկը:

Երկրորդ` պէտք է մտածել յեղափոխական միտքի եւ յեղափոխականութեան մասին: Դաշնակցականի, եւ հետեւաբար` դաշնակցական երիտասարդի տեսակը մարտնչող է, կռուող: Այդ տեսակը չ՛ընդունիր իրավիճակ, ուր կը պակսի մարդկային եւ ազգային ազատատենչութեան եւ ազատօրէն ինքնորոշուելու բնածին իրաւունքը: Ահա ա՛յս պատճառով է, որ դաշնակցական երիտասարդը երբեք չի կրնար դադրիլ յեղափոխական ըլլալէ: Յեղափոխական ըլլալը  կանոնագրուած գործողութիւն չէ: Յեղափոխական ըլլալը մտասեւեռում է, աշխարհահայեացք է, աշխարհը եւ կեանքը յատուկ ձեւով գնահատելու յանձնառութիւն: Կռուիլը, մարտնչիլը, ֆիզիքապէս պայքարիլը յեղափոխական «աքթեր» են: Սակայն անոնք յեղափոխականութեան սահմանումը չե՛ն: Ցուցական գործողութիւնները յեղափոխական մտածողութեան արտայայտիչ բեկորները կրնան ըլլալ, սակայն զանոնք պէտք չէ շփոթել յեղափոխական նկարագիր ունենալու, յեղափոխական աշխարհահայեացքը կեանքի արեւելում դարձուցած ըլլալու հետ: Հրայր Դժոխքը, Սեբաստացի Մուրատը, Գէորգ Չաւուշը յեղափոխականներ էին` ֆետայիի տարազով: Յեղափոխական էին նաեւ` Արամ Մանուկեանը, Քաջազնունին, Վրացեանն ու Վարանդեանը:

Յեղափոխականութիւնը յառաջդիմական միտքն ու աշխարհահայեացքն է, որ կ՛արտացոլուի տարբեր-տարբեր տարազներով` երբեմն սուրով, երբեմն գրիչով, բայց մի՛շտ` մարտնչող ոգիով: Այսօր, ազատ երկրի, անկախ պետականութեան դրուածքով, պարտինք Արամ Մանուկեաններու թելադրած յեղափոխականութեամբ նաեւ դաստիարակել մեր երիտասարդութիւնը եւ այդպէս զարգացնել անոնց միտքն ու քաղաքական գործունէութեան ոլորտը: Դաշնակցութեան ապակեդրոնացած գործունէութեան սկզբունքն է` իրավիճակներու ստեղծած պայմաններու գնահատումով, որ կ՛երաշխաւորէ յեղափոխական միտքի առկայութեան գոյատեւումը իր կազմակերպական կեանքէն ներս:

Երրորդ` ժամանակը հասած է, որ դաշնակցական երիտասարդութիւնը գիտակցաբար եւ լիարժէք օգտագործէ իր ունեցած ներուժը: Կասկածէ վեր է, որ մեր պետութիւնը` անկախ Հայաստանն ու Արցախը, մեր բոլոր տենչերուն, հետաքրքրութեանց եւ պայքարին կիզակէտը կը կազմեն: Մեր ազգութիւնը, սակայն, սահման չունի, եւ իր ուժը կը կայանայ այդ անսահմանութեան մէջ: Մեր օրհասական պատմութիւնը ստեղծած է կարողականութիւն, որ քիչ թիւով ժողովուրդներ ունին: Այսօր մենք հզօր ենք մեր համայնքներով` հաստատուած ու կայացած ամէնուրեք` Քարաքասէն Սիտնի, Փարիզէն Լիզպոն, Պէյրութէն Լոս Անճելըս: Չկայ ուրիշ ժողովուրդ, որ մեզի նման համաշխարհային մակարդակով կազմակերպուածութիւն կը պարզէ, կամ` որ ունի այդքան խարսխուած քաղաքական գիտակցութիւն: Ժամանակը եկած է, որ այդ համայնքներէն դէպի հայրենիք նետուած կամուրջները վերածուին համադրուած մէկ ժողովուրդի` իր ամբողջական ներուժով եւ կարողականութեամբ: Այդ համադրումը կը պահանջէ` կազմակերպուածութիւն, քաղաքական գործունէութիւն, հաւատք եւ աննկուն կամք: Արեւմտեան Ամերիկայի «Եութ Քոր»-ի նման ծրագիրներ խօսուն օրինակներ են նման համադրում մը իրականացնելու ճամբուն վրայ: Հարկ է աշխատանքները բազմապատկել, որպէսզի աշխարհասփիւռ հայութիւնը իսկապէ՛ս դառնայ մէկ ժողովուրդ: Դաշնակցական երիտասարդութիւնը այս ընթացքին մէջ կրնայ ըլլալ եւ պէ՛տք է ըլլայ շարժիչ ուժը եւ պայծառ ռահվիրան:

Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը, իր ամբողջական կարելիութիւններով եւ կարողականութեամբ, յանձնառու է մնալու պահակը այն ըմբռնումին, որ լիարժէք եւ ամբողջական հայակերտման ճանապարհին վրայ քաղաքականօրէն գիտակից երիտասարդութի՛ւնն է միայն, որ կրնայ առաջնորդողի մղիչ ուժը հանդիսանալ, իսկ Դաշնակցական երիտասարդը` այդ առաջնորդութեան մէջ առաջնահերթ դերակատարութիւն ունի:

 

 

«Կտակ»-ը…

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Միայն լաւագոյնը ընդունելի է ինծի համար»

jeb-(1)_020316

«Գալուստ Կիւլպէնկեանի անունը եւ գործը շատ մեծ նշանակութիւն ունին Փորթուգալի մէջ: Ամէն մարդ գիտէ զինք»: Փորթուգալի մէջ գործակիցս է Թիմոթէոն, որուն հետ երկար տարիներու բարեկամութիւն եւ գործակցութիւն ունիմ: Եթէ որոշ չափով լսած է հայերու մասին, նաեւ` մեկնելով մեր բարեկամութենէն, բայց Թիմոթէոյին համար Կիւլպէնկեանը լաւագոյն հայու մը պատմութիւնն է: Յունուար 2016-ին Լիզպոնի գեղեցիկ փողոցները կը շրջագայէինք` հասնելու համար կեդրոնական մաս եւ մեծ տարածութեան վրայ հիմնուած Կիւլպէնկեան հիմնարկ:

Փորթուգալը ունի հետաքրքրական եւ այլատեսակ պատմութիւն: Եթէ երկար տարիներ եղած է մէկ կողմէ գաղութատիրական «կայսրութիւն», միւս կողմէ` նաեւ ունեցած է ծովագնացներ եւ հետազօտողներ, որոնք միշտ ալ տքնած են աշխարհի մէջ նոր հորիզոններ գտնելու: Քսաներորդ դարուն երկիրը մտած է տիրապետութեան տակ մենատիրական, այլ խօսքով` «բռնատիրական» կառավարութեան մը, որ երկիրը առաջնորդած է աղքատութեան եւ դարձած` յետամնաց: 25 ապրիլ 1974-ին է, որ խաղաղ ու կանաչ յեղափոխութեամբ մը` «Մեխակներու յեղափոխութիւն»-ով, կրցաւ Անթոնիօ Սալազարի կառավարութիւնը տապալել եւ հիմը դնել աւելի ժողովրդավար պետութեան մը:

Թիմոթէոն վայրկեանուան մը համար կանգ առաւ «Աւիս» պանդոկին առջեւ եւ զայն ցոյց տալով` ըսաւ. «Գալուստ Կիւլպէնկեանը Փորթուգալի մէջ իր ամբողջ կեանքը անցուց այս պանդոկին մէջ»: Ան կը խօսէր աւելի քան տասը եւ երեք տարիներու մասին`1942-էն մինչեւ մահը 1955-ին:

Սկիւտար, Պոլիս ծնած Գալուստ Կիւլպէնկեան սիրեց Լիզպոնը, եւ հաւանաբար Լիզպոնը սիրելուն մէջ կար անցեալէն` իր «արմատէն» յուշեր եւ պատկանելիութեան զգացում, ինչ որ կ՛արտացոլար անոր յուշագրութիւններուն մէջ. «Լիզպոնի Թակուս գետը կը յիշեցնէր իր ծննդավայր Վոսփորը…»: Եւ այդ յուշերն ու պատկանելիութիւնը զինք մղեցին ստեղծելու իր «երազը»` «կտակը», նոյնինքն Թակուսի գետին ափերուն: Եթէ «կտակը» տուն տուաւ հիմնարկի մը` համամարդկային բնոյթի, բայց նոյնքան նաեւ հայկական հիմքով օժտուած կառոյց մըն էր, եւ հոն Կիւլպէնկեան պիտի ապրէր, ապրեցնէր եւ բազմացնէր իր «ինքնութիւնը»:

jeb-(2)_020316

Հաստատութեան մեծ շէնքին, թանգարանին, պարտէզի մուտքին կանգնած` ուզեցի տեսնել Ուիլիըմ Սարոյեանի անուանած` «Այս իւրայատուկ ծեր մարդ»-ը եւ անոր կեանքին մէջէն տուն տուած մեծ գործը:

Գալուստ Կիւլպէնկեան սիրած է արուեստը եւ բնութիւնը: Նախընտրած է ըլլալ առանձին եւ հեռու` լուսարձակներէ: Բայց եղած է ինքնավստահ, նոյնը ներշնչած է ուրիշներու,  այդ ինքնավստահութիւնը իր կեանքին մէջ ունեցած է որպէս տեսլական: «Միայն լաւագոյնը ընդունելի է ինծի համար…»: Բայց Գալուստ Կիւլպէնկեանի համար «ինծի»-ն եղած է իր անձնական կեանքէն շատ աւելի լայն եւ ընդարձակ`դուրս գալով իր «ես»-էն`բացուելու համար աշխարհին ու քաղաքակրթութեան: Վերջապէս ան եղած է «համաշխարհային» քաղաքացի` նկատի ունենալով այն իրականութիւնը,  որ ապրած եւ եղած է գործարար շատ մը երկիրներու մէջ`սկսելով քարիւղի ընկերութիւններու իր գործարքներէն եւ հասնելու համար «Պարոն հինգ առ հարիւր» պատուաբեր մակդիրին:  Այդ « բացուելու» իր տրամադրուածութեան մէջ միշտ իւրայատուկ մնացած է «իր հայկականութիւնը, ինչ որ իր կեանքին եւ գործունէութեան համար ստեղծած է կայունութիւն եւ տուած` իւրայատուկ ինքնութիւն»:

Իսկ այս «իւրայատկութեան» ապացո՞յցը…: Հապա՞ հպարտութիւնը:

Աւետիս Ահարոնեան իրեն շնորհած է Հայաստանի Ա.  Հանրապետութեան անցագիրը: Գալուստ Կիւլպէնկեան ճամբորդած է հայկական անցագիրով`անկախ այդ իրականութենէն, որ ան ունէր նաեւ եւրոպական քաղաքացիութիւն…:

Իր հայ ժողովուրդին ապրած Ցեղասպանութեան ողբերգութիւնը կարելի չէր աննկատ թողնուլ: Ան հաւատաց հայ ժողովուրդին վերապրելու հրամայականին, նաեւ` արաբական աշխարհին, ուր Ցեղասպանութենէն ճողոպրածները հասած ու ստեղծած են հայ գաղութներ` իբրեւ հայութեան գոյատեւման փաստ: Ան հիմնեց կրթաթոշակներ, ընծայեց բժշկական խնամք եւ իր օգնութիւնը հասաւ մինչեւ Այնճար (Լիբանան): Իր նպաստը բերաւ Այնճարի հողատարածքին գնման, որովհետեւ տեղահանուած հայուն նոր պատսպարան տեսաւ այս շրջանին մէջ:

jeb-(3)_020316

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական բաժանմունքը մէկ այլ խօսուն եւ գործօն շարունակութիւնն է այս կտակ-իտէալին: Հոն, ուր հայեցի դաստիարակութիւնը եւ ազգային-մշակութային ինքնութեան պահպանումը հիմնական կռուաններ են հայապահպանման: Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի աշխուժ եւ գործօն առաջնորդութեամբ, հայկական բաժանմունքը այսօր նոր շունչ եւ տրամադրութիւն կը ներշնչէ հայաստանեան եւ սփիւռքեան մեր կեանքերուն:

Հանդիպումները եւ տարբեր յայտագիրները, արուեստի թանգարանի հարուստ հաւաքածոն, Կիւլպէնկեանի անուան նուագախումբին ելոյթը, պարտէզ-զբօսավայրը ու տակաւին: Սյս բոլորին մէջ մտքիս մէջ կար մէկ հարցում. «Ո՞ւր է մեծութիւնը այս հայ մարդուն». եթէ ոչ իր ապրած կեանքին ու գործունէութեան, բայց անպայմանօրէն իր… «կտակ»-ին մէջ:

«Կտակ»-ը` իր անձնական ասպարէզային կեանքի նիւթական գործարքներու հսկայական եկամուտներուն եւ հարստութեան վերաբերող: «Կտակ»-ը` իր համամարդկային ու համահայկական «արժէքներու» գիտակցութեան եւ անոնց գոյապայքարի գործընթացին:

Եթէ կայ «կտակ»-ը լիցքաւորող նիւթական ուժը, բայց նաեւ` անոր հոգին… Գալուստ Կիւլպէնկեանի մեծութիւնը կը կայանայ հոն, ուր ան նիւթականը եւ հոգին կրցաւ միաւորել եւ տանիլ զայն դէպի ապագան: Ու ան մնաց «ինքնավստահ» իր համոզումին մէջ, թէ հայը պէտք է շարունակէ ապրիլ, եւ թէ` հայուն ապրիլը ինքնամփոփ եւ ինքնիր մէջ չէ, թէ ուրիշին «բացուելու» քաղաքականութիւնը անհրաժեշտ է, բայց միշտ պահելով հիմքը` «հայկականութիւնը»: Բան մը, որուն ամուր կառչած մնաց Գալուստ Կիւլպէնկեանը:

Բայց յուշագրութիւններուն մէջ եւ իր իսկ արտայայտութեամբ կան (չ)իրականացած նպատակներ: «Երկու նպատակներ չկրցայ իրականացնել կեանքիս մէջ: Գիտական մարդը եւ երազող մը` պարտէզի մը մէջ, զոր ես մշակած եմ»:

Եթէ ան չկրցաւ իրականացնել այս երկու նպատակները իր ողջ կեանքին ընթացքին, բայց հիմնեց «կտակ»-ը` հիմնարկը…

Հոն, ուր հայը պիտի կարենայ «երազել եւ «երազ»-ին մէջէն «մշակել» իր` հայուն «պարտէզը» իմա՛ կեանքը: Իսկ հայուն կեանքին մասին երազելու համար պէտք է զգացում եւ հպարտութիւն, բայց նոյնքան նաեւ` «գիտական» միտք, որ համամարդկային իրականութեան մէջէն պիտի ստեղծէ համահայկական ենթահողը: Այն ենթահողը, որ հայուն պիտի տայ ապրելու ապահովութիւնը:

Գալուստ Կիւլպէնկեանի «կտակ»-ը իւրաքանչիւր հայուն «կտակ»-ն է, նաեւ` առաքելութիւնը,  համամարդկայինի մէջէն համահայկական կեանքեր ապահովելու կռուանները:

 

 

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Ազրպէյճանի Յաղթանակին Գինը Եւ Հայկական Զօրաշարժին Դասերը

$
0
0

Քաղաքական պայքարի մէջ, ինչպէս կեանքի որեւէ փորձադաշտի պարագային, կռուողը ե՛ւ կը յաղթէ, ե՛ւ կը պարտուի, թէ՛ ոստում եւ յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ, թէ՛ ընկրկում ու տեղատուութիւն կ՛ունենայ:

Պայքարը շարունակողին համար երկու պատճառով շատ կարեւոր է ընդունիլ կռուին արդիւնքը` յաղթանակ ըլլայ անիկա թէ պարտութիւն:

Նախ` որովհետեւ պայքարի տրամաբանութեան մէջ չկան այսպէս ըսուած վերջնական յաղթանակներ կամ պարտութիւններ: Կեանքի ու բնութեան յարատեւ պայքարի օրինաչափութեամբ, կան պատերազմներ ու ճակատամարտեր, ուր յաղթական ճակատամարտ մը անպայման չ՛ենթադրեր պատերազմին յաղթանակով պսակումը, ոչ ալ պատերազմի մը յաղթական աւարտը անպայման կը նշանակէ, որ պարտուած կողմին համար պայքարը այլեւս վերջ գտած է:

Ապա եւ աւելի կարեւորը` կռուին կամ ճակատումին արդիւնքը ընդունելով, պարտութիւն կրած կողմը ի վիճակի կ՛ըլլայ իր տկարութիւններն ու սահմանափակումները լիովին գնահատելու, ինչպէս եւ իր առաւելութեանց ու յաղթաթուղթերուն վերարժեւորումը կատարելով` աւելի լաւ պատրաստուած եւ զօրաւոր դիրքերէ ներկայանալու պայքարի յաջորդ հանգրուանին, նոյնիսկ` նախապատրաստելու առճակատման յաջորդ փուլն ու կռուի իր նախընտրած դաշտը…

Պայքարի տրամաբանութեան ա՛յս մօտեցումով հայ քաղաքական միտքը պէտք է արժեւորէ այն խայտառակ դիւանագիտական առեւտուրը, որ տեղի ունեցաւ յունուար 26-ին` Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի տխրահռչակ նիստին: Ազրպէյճանի եւ միջազգային բեմի վրայ անոր քայլերը առաջնորդող Թուրքիոյ պատուիրած ԵԽԽՎ-ի զեկուցաբերներուն հակահայ բանաձեւերը, հակառակ հայկական կողմի բարձրացուցած համազգային բուռն բողոքին ու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու յորդորին, փաստօրէն քուէարկութեան դրուեցան եւ ստացան 1=1 կոլի արդիւնք: Այսինքն մերժուեցաւ առաջին բանաձեւը, որ կը կոչուէր «Բռնութեան աճը` Արցախի եւ Ազրպէյճանի այլ գրաւեալ տարածքներէն ներս», եւ որոշ «բարեփոխումներով» ընդունուեցաւ երկրորդը, որ կը կոչուէր` «Կանխամտածուած կերպով ջուրէ կը զրկուին Ազրպէյճանի սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչները»:

Անշուշտ զուտ մեքենական` մակերեսային գնահատում է, որ Ազրպէյճան եւ հայկական կողմը մէկ հաւասար արդիւնքով դուրս եկան ԵԽԽՎ-ի դիւանագիտական կռուի դաշտէն:

Կասկածէ վեր է, որ Ազրպէյճան եւ Թուրքիա յաղթանակ տարին: Ոչ միայն այն առումով, որ Սարսանգի ջրամբարին ջուրերը Ազրպէյճանին մատչելի դարձնելու եւրոպական պահանջը նուիրագործեցին, այլեւ ընդհանրապէս Եւրոպայի խորհուրդի մակարդակով միջազգային շրջանառութեան մէջ դրին Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան մաշած ու սնամէջ այն յանկերգները, ըստ որոնց`

– Իբր թէ ԵԱՀԿ-ի միջնորդական առաքելութիւնը ձախողած է եւ պէտք է գտնել աւելի ազդու միջազգային բեմեր:

– Իբր թէ հայերը գրաւած են Ազրպէյճանի պատկանող տարածքներ եւ հոն բռնութիւն կը գործադրեն, ինչը ներկայիս աճ կ՛արձանագրէ:

– Իբր թէ մարդասիրական իմաստով հայերը կը ճնշեն ազրպէյճանցիներուն վրայ (օրինակ` Սարսանգի ջրամբարին միջոցով ջուրէ կը զրկենք եղեր Ազրպէյճանի սահմանամերձ շրջանները): Անշուշտ հայկական կողմը, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, Եւրոպայի տարածքին գործող ՀՀ դեսպանութեանց եւ Հայ դատի յանձնախումբերու համագործակցութեամբ, արժանի հակահարուած տուաւ Ազրպէյճան-Թուրքիա դիւանագիտական գրոհին: Հայկական զօրաշարժին շնորհիւ հնարաւոր եղաւ վիժեցնել ուղղակի քաղաքական բնոյթ կրող հակահայ առաջին բանաձեւը, իսկ մարդասիրական քողի տակ թաքնուած երկրորդ բանաձեւը, որ ի վերջոյ որդեգրուեցաւ, ենթարկուեցաւ տարրական բարեփոխման եւ անկէ դուրս հանուեցան քաղաքական խորքով յղումները` ի նպաստ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան, կամ` ընդդէմ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախ պետութեան իրաւավիճակին:

Փաստը սակայն կը մնայ այն, որ Ազրպէյճան յաջողեցաւ Եւրոպայի խորհուրդի օրակարգին վրայ բերել եւ«օրինականութիւն» ապահովել հակահայ իր քաղաքականութեան դիւանագիտական խաղաթուղթերուն:

Ազրպէյճանի գրոհը սկսած էր տարիներ առաջ եւ անոր յաղթանակը ոչ թէ յունուար 26-ին արձանագրուեցաւ, այլ արդէն քայլ առ քայլ նուաճուած էր մինչ այդ` հայկական կողմին թոյլատրած անտարբերութենէն կամ թուլութենէն օգտուելով:

Ինչպէս որ հայկական կողմէն այս օրերուն հնչող մեկնաբանութիւնները կ՛ընդգծեն, ԵԽԽՎ-ի յունուար 26-ի նիստին մասնակից եւ քուէարկող պատգամաւորներէն շատեր նոյնիսկ տեղեակ չէին, թէ ճիշդ ի՞նչ կը քուէարկէին…

Մեր մեղքով էր բնականաբար, որ անցեալ դեկտեմբերէն առաջ անհրաժեշտ ահազանգով շարժման մէջ դրած չէինք մեր ուժերը, որպէսզի կանխենք զեկուցաբերներուն եւ համապատասխան յանձնաժողովներու անդամներուն մօտ  Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ տարած… հակահայ քարոզչութիւնը:

Նոյնպէս գաղտնիք չէ այլեւս, որ Ազրպէյճան իր հարուստ քսակը լայն բացած էր, որպէսզի ուղղակի կաշառէ ոչ միայն ԵԽԽՎ-ի զոյգ զեկուցաբերները, ոչ միայն Եւրոպական խորհուրդի պատասխանատու շրջանակները, այլեւ նոյնինքն` յունուար 26-ի նիստին մասնակիցները:

Աւելի՛ն. յունուար 26-ի ազրպէյճանական յաղթանակին գինը վճարեց նոյնինքն Եւրոպան, որուն խորհրդարանական պատգամաւորներէն շատեր ծախու հանեցին իրենց երկրին թէ ամբողջ Եւրոպայի քաղաքական վարկն ու արժէքը` իբրեւ իրաւունքի եւ արդարութեան, իբրեւ ազատութեանց եւ օրէնքի տարածաշրջանի:

Յատկապէս Յունաստանի մեր օրինակով կրնանք վկայել, թէ ազրպէյճանական կազի «հմայք»-ին չկրցան դիմադրել Տորա Պաքոյանիի պէս քաղաքական դէմքեր, որոնք մինչեւ իսկ իրենց հայ ընտրողներէն ծածուկ պահեցին ազրպէյճանական խայծը կուլ տալու իրենց… ախորժակը:

Յամենայն դէպս, յունուար 26-ին հայկական կողմը քաղեց արդիւնքը միամսեայ իր բուռն զօրաշարժին` ի խնդիր հակահայ զոյգ բանաձեւերու ձախողեցման:

Թէեւ ի վիճակի չեղանք արգելակելու հակահայ զոյգ բանաձեւերուն ԵԽԽՎ-ի օրակարգին վրայ գալը, բայց փաստօրէն յաջողեցանք հայկական տեսակէտին ունկնդիր ու կողմնակից գտնել` ե՛ւ Հայաստանի պետական դիւանագիտական կապերով, ե՛ւ մանաւանդ Հայ դատի յանձնախումբերուն ձեռնարկած քաղաքական-յարաբերական լայն շփումներով, ինչպէս եւ` կազմակերպած ծաւալուն ստորագրահաւաքով:

Հայկական զօրաշարժին ընկրկումի թէ յաջողութեան այս դասերը ուղեցոյց պէտք է ծառայեն մեր պայքարի հետագայ յաղթարշաւին համար:

Եկէք` Համեմատենք

$
0
0

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

0129airplane

Յովիկ Չարխչեան իր անձնական կայքին մէջ (պլոկ) տեղադրած է` «ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԳՐՈՂԸ ՕԴԱՆԱՒԵՐ ԲԵՐԵՑ» վերնագիրով պատմութիւն մը, ուր կը ներկայացնէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն սփիւռքի մէկ համայնքի հայրենասիրական ձեռնարկը, որուն հետ այսօր չեն կրնար մրցիլ ամէնէն բարգաւաճ, ամէնէն յանձնառու համայնքները` Արեւմտեան Ամերիկայէն սկսեալ մինչեւ Լիբանան, մինչեւ Մոսկուա:

Ահա՛ պատմութիւնը.

1920 թուականի գարուն…Հայաստանը ծանր կացութեան մէջ է: Երկիրը պատերազմում է մի քանի ճակատներում, իսկ ուժերն անհաւասար են: Այդ ընթացքում աշխարհով մէկ սփռուած հայերը ջանում են օգնել հայրենիքին` ով ինչո՛վ կարող է: Եւ ահա հէնց նոյն օրերին հեռաւոր Եթովպիայի հայկական գաղութը որոշում է հանգանակութիւն կազմակերպել եւ հաւաքուած գումարով հայոց բանակի համար գնել երեք սաւառնակ:

Այդ ժամանակ Եթովպիայի հարեւան Ճիպութի երկրում (որը ֆրանսական գաղութ էր) բնակւում էր հայ նշանաւոր գրող Ռուբէն Որբերեանը, ով միաժամանակ առեւտրով էր զբաղւում: Համայնքը որոշում է հէնց յարգարժան մտաւորականին էլ վստահել ինքնաթիռները Հայաստան հասցնելու առաքելութիւնը: Եւ Որբերեանը ճանապարհ է ընկնում:

Այսօր դժուար է նոյնիսկ պատկերացնել, թէ նա ինչպէ՛ս  Ափրիկէի ամայի տարածութիւններով այդ օդանաւերը պիտի հասցնէր նախ Եգիպտոս, իսկ յետոյ` աւելի հեռու: Ամէն դէպքում, 1920թ. մայիսին նա արդէն Աղեքսանդրիա քաղաքում էր: Այստեղ կայանում է նրա հանդիպումը տեղի հայ համայնքի հետ, որի ընթացքում Որբերեանը գեղեցիկ ճառ է արտասանում` վերյիշելով Եթովպիայի հանգուցեալ կայսր Մենելիքի նշանաւոր խօսքերը. «Բայց ինչո՞ւ Աստուած իմ երկիրը սահմանակից չարեց Հայաստանին, որ իմ ողջ բանակով գնայի պաշտպանելու աշխարհի հզօրների կողմից լքուած եւ բարբարոսների սրին մատնուած քրիստոնեայ ու ազնուագոյն հայ ազգին»:

Նոյն հանդիպման ժամանակ էլ, Որբերեանը տեղեկացնում է, որ ուղեւորւում է Երեւան` այնտեղ հասցնելու նուիրաբերուած սաւառնակները: Սակայն գրողին վիճակուած չէր անձամբ հասնել Հայաստան: Պէտք է ենթադրել, որ նա Միջերկրական ծովով նաւարկել է դէպի Ֆրանսա եւ հասել Փարիզ: Իսկ ինքնաթիռներն այնտեղից առաքուել են Հայաստան: Կան վկայութիւններ այն մասին, որ 1920 թուականի ամրանը Պաթում նաւահանգիստ են բերուել Ֆրանսայից ուղարկուած ինքնաթիռներ` հայկական բանակի համար:

Ծառայեցի՞ն դրանք իրենց նպատակին…Նոյն տարուայ աշնանը դաժան մարտեր էին ընթանում հայ-թուրքական ռազմաճակատում: Եւ ահա այն օրերի թերթերում հանդիպում ենք մի այսպիսի կարճ հաղորդագրութեան. «Կարսի մօտակայքում հայկական օդանաւերը ջախջախել եւ փախուստի են մատնել յարձակուող հրոսակախմբերը…»:

 

 


Վարդանանք

$
0
0

Մ. ԻՇԽԱՆ

Տասնհինգ դարեր անցած են Վարդանանց պատերազմին վրայէն: Եւ այս երկար ժամանակաշրջանի ընթացքին` ի՜նչ դարեր… Մեր պատմութիւնը ճանչցած է ահաւոր փոթորիկներ եւ փառքի լուսաւոր թուականներ, անկումներ եւ վերելքներ, ջարդեր եւ հերոսամարտեր, ստրկութեան շրջաններ եւ հրաշալի վերածնունդներ: Բայց բոլոր վերիվայրումներու ընդմէջէն, բոլոր մեծատաղանդ դէպքերու շարքէն Վարդանանց տօնը զատուած է իբրեւ գերազանց շքեղութիւն մը եւ ինքզինք պարտադրած` մեր հիացումին:

Վարդանը եւ իր զինակից հերոսները ունեցած են իրենց արժանի դիւցազներգակը` յանձին Եղիշէի, որ անմահ ոսկեմատեանի մը մէջ կրցած է յաւերժացնել անոնց փառքը:

Հետագայ դարերը չեն կրցած գունաթափել մեր ժողովուրդի այդ օրերու ապրումը , որ սերունդէ սերունդ փոխանցուելով` հասած է մեզի եւ դարձած` նոր իտէալ, նոր գաղափար եւ նոր շունչ:

Հայկ դիւցազնէն մինչեւ Վարդան եւ Վարդանէն մինչեւ Անդրանիկ, առհաւական նոյն ժառանգութիւնն է, որ ոգեկան սնունդը կը կազմէ մեր ազգային շարժումներուն:

Հայոց պատմութեան արշալոյսը կը բացուի ազատութեան սիրոյն լարուած լայնալիճ աղեղի մը հոյակապ առասպելով: Հայկին դիցակերպ հասակը կ՛արձանանայ մեր լեռներուն վրայ, եւ անոր բազուկը կը զգետնէ բռնակալ Բէլը: Երեք հարիւր կտրիճներ դէմ կը դնեն բիւրերու գրոհին եւ սառնաշունչ երկրի մը ձիւներուն մէջ կը հիմնեն մեր ազատ հայրենիքը:

Վարդան իր նախահօր հարազատ շառաւիղն է: Դարեր ետք, Հայաստանի հողին վրայ, ան ալ սրբազան խենդութեամբ մը կը խոյանայ թշնամի բազմապատիկ ուժերու դէմ, որպէսզի հայ ժողովուրդը շարունակէ ազատ շնչել եւ ազատօրէն պաշտել իր հայրերուն Աստուածը:

Կ՛անցնին մռայլ դարեր, վայրագ ցեղեր կ՛արշաւեն եւ իրենց ձիերու սմբակներուն տակ կը տրորեն մեր նուիրական հողերն ու մեր ազգի զաւակները: Բայց ազատութեան ոգին չի մեռնիր բնաւ: Գիւղացի եւ բանուոր հայ բազմութիւններու սրտին խորը ան կը ննջէ պահ մը` յանկարծ կրկին բորբոքելու եւ ճաճանչելու համար:

Կը հնչէ մեր ազգային զարթօնքի ժամը, կը հնչեն նորագոյն հայ յեղափոխութեան հրեղէն շեփորները: Առասպելական հսկաներու պէս մեր սարերէն ու ձորերէն յարութիւն կ՛առնեն նոր հերոսներ: Հայկի եւ Վարդանի ազատութեան դրօշը կը ծածանի անձնուրաց հայ ֆետայիներու անցքին առջեւ: Կու գան` Անդրանիկներ, Սերոբներ, Գէորգ Չաւուշներ, Հրայրներ եւ Մուրատներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը հայոց երկնքին տակ կը վերապրեցնէ Վարդանի եւ իր քաջերու երազն ու կամքը:

Եւ այսպէս, պատմութեան յորձանքը կը թաւալի մերթ պղտոր, մերթ պայծառ ալիքներով, բայց հայութիւնը կերտող, ապրեցնող եւ ներշնչող ոգին անկորուստ կը մնայ միշտ:

Տասնհինգ դար հեռաւորութենէ մը եթէ այսօր Վարդանի դէմքը մեզ կ՛առինքնէ եւ անոր գործը կը խօսի մեր սրտին` իբրեւ նոր մահացած հերոսի մը թարմ յիշատակը, պատճառը այն է, որ ՎԱՐԴԱՆԱՆՔ պատմութեան փոշիներուն մէջ թաղուած հնաբոյր հերոսներու շքախումբ մը չեն, այլ կենդանի ապրումներու մարմնացումներ են:

Այն երազը, որուն համար ինկան Աւարայրի դաշտին վրայ, այսօր ալ կը շարունակէ մնալ մեր ժողովուրդի երազը` ազատ ապրելու եւ ազատ մեռնելու վեհագոյն երազը:

Վարդան իր հաւատաւոր հետեւորդներով զոհուեցաւ գաղափարի մը համար, որ նշանաբանն է ազատատենչ մեր բազմութիւններուն եւ անոր ղեկավարութիւնը ստանձնող յեղափոխական կազմակերպութեան` ՀՅ դաշնակցութեան: Տղմուտ գետի ափերուն թափուած սուրբ արիւնը, խառնուելով մեր ֆետայիներու երակներէն քամուած արիւնին, իմաստ ու նպատակ կու տայ հայ ժողովուրդի կեանքին:

Որքա՜ն քաղցր ու գօտեպնդող է, ամէն տարի, Վարդանանցի օրը, ազգովին համախմբուիլ մեր մեծ նախահօր յիշատակին շուրջ եւ զգալ, թէ դարեր առաջ մեր ժողովուրդի ճակատագիրը ազատութեան ի խնդիր թափուած արիւնով գրող Վարդաններ ունեցած ենք, որոնք չեն վարանած իրենց կեանքը զոհելու սերունդներու փրկութեան գործին: Մեր կրօնը, լեզուն, գիրը եւ մշակոյթը մեծագոյն անձնազոհութեամբ եւ անխորտակելի վճռականութեամբ պահպանող մարտիկներ:

Վարդաններու ժառանգորդները իրաւունք չունին այլ կերպ մտածելու եւ այլ կերպ շարժելու: Ո՛վ որ ստրկութիւնը կը նախընտրէ, յանո՛ւն փտած  իմաստութիւններու եւ մթին հաշիւներու, իրաւունք չունի Վարդանի եւ նմաններուն յիշատակը շահագործելու: Կեղծիք ու սրբապղծութիւն է խաչակնքել մեր եկեղեցիին կողմէ իսկ սրբագործուած նահատակներու յիշատակին առջեւ եւ, միւս կողմէ, ոտնահարել անոնց գաղափարն ու երազը:

Վարդանանք իրենց գերեզմանին խորէն, մեր հայրենիքի հողին մէջէն մէկ պատգամ միայն ունին ապրող սերունդներուն. Դառնալ դրօշակիրը ազատութեան, գերադասել զայն ամէն բանի, հաւատալ հայ ժողովուրդի ուժին ու յաղթանակին եւ այդ հաւատքով դիմագրաւել ապագան:

Վարդանանց օրը տօնել` կը նշանակէ հաղորդուիլ անոնց ոգիին եւ այդ ոգիով անվհատ պայքար մղել ամէն կարգի բռնատիրութեանց դէմ, որոնք կը փորձեն ժողովուրդի մը ազգային իրաւունքները խլել եւ խղճի, մտքի ու հոգիի ազատութիւնը խեղդել:

1966

 

 

Անմահները Ինչո՞ւ Կը Յիշուին

$
0
0

Պատրաստեց` Այնճարի հոգեւոր հովիւ`
ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆՅ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

«Մահ ոչ իմացեալ` մահ, մահ իմացեալ` անմահութիւն»:
«Քրիստոնէութիւնը ոչ թէ հագուստ է հայոց համար, այլ` մաշկի գոյն»:
ԵՂԻՇԷ

Vardananq(1)_020416

Հայ հին մատենագիրներէն ամէնէն սիրուած ու կարդացուած հեղինակներէն` Եղիշէ, անմահացաւ 451-ի պարսիկներու դէմ մղուած Վարդանանց հերոսամարտի ականատեսի պատմագրութեամբ` «Յաղագս Վարդանայ եւ հայոց պատերազմին» խորագիրով (գրուած 458-464ի միջեւ), անմահացուց Աստուծոյ ու հայրենիքի սիրով տոչորող Վարդանանց յիշատակը եւ իր դիւցազնամարտի նկարագրականով, անմահներու պատգամն ու կոչը փոխանցեց. «Այս հաւատքէն ոչ ոք կրնայ խախտել մեզ, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը եւ ոչ ալ հուրը…»: Վարդանանց խորհուրդը լաւագոյնս կը բացատրուի ինքնայատուկ պատմափիլիսոփայութեամբ մը Միհրներսեհին ուղղուած հայոց նշանաւոր նամակով:

Վարդանանք կը յիշուին, որովհետեւ ջատագովն ու ներշնչարանն են ազատօրէն ապրելու, հաւատալու եւ ինքնութիւն պահպանելու: Մահը հոգեկան անմահութեան ու ազատութեան հասնելու ընտրելի ճամբայ կը սեպեն, քան` ստրկահոգի անասնական կեանքը: Թշնամիին ոչինչ կու տան իրենց կտակած սրբութիւններէն ու գանձերէն: Մարդկային հաճոյքներն ու աշխարհիկ սին պատրանքները թափուր կը նկատեն, յաղթանակի հասնելու վեհագոյն իտէալին համար: Պողպատեայ կամքով կը պայքարին անտարբերութեան մոլար ուղիներուն դէմ: Նախաօրինակ են հայկական ազատագրական պայքարի: Նմանները յոյսով կը զինուին ամբողջական, ազատ եւ անկախ Հայաստանի ձեռքբերման ի խնդիր:

Թարգմանչաց սերունդի ազգային-կրօնական լուրջ դաստիարակութեամբ կերտուած Վարդանանց սերունդը պատրաստ էր նման հաւատամարտի մը, Հայ Առաքելական եկեղեցականութեան` Յովսէփ Կաթողիկոսի, Ղեւոնդ Երէցի… գլխաւորութեամբ:

Վարդանանք նուիրականացուեցան, սրբադասուեցան եւ իրենց մղած ճակատամարտը սրբազան պատերազմի նկարագիր ստացաւ, հաւատքի եւ հայրենիքի ազատութեան ի խնդիր իրենց ունեցած սկզբունքային կեցուածքին եւ տիպար օրինակին համար:

Ս. Վարդան Մամիկոնեանն ու անոր զինակիցները հայոց պատմութեան առաջին նահատակներն էին, որոնք գիտակցաբար իրենց կեանքը նուիրաբերեցին հաւատքի եւ հայրենիքի զոհասեղանին: Անոնք` ընդհանուր անունով Վարդանանք, հինգերորդ դարէն հռչակուած են հայ եկեղեցւոյ տօնելի սուրբեր:

Երկա՜ր դարերէ ի վեր հայ եկեղեցին շարականներու ամբողջական կանոնով մը կը մեծարէ իր սուրբ նահատակները. ստորեւ աշխարհաբարով կը ներկայացնեմ Ս. Ներսէս Շնորհալիի գրած Օրհնութեան առաջին համարը` հռչակաւոր «Նորահրաշ»-ը.

«Հրաշալի պսակաւոր եւ զօրապետ արիներու,
Քաջաբար դուն հոգեւոր զէնքով զինուեցար մահուան դիմաց.
Վարդան, քաջ նահատակ, որ վանեցիր չար թշնամին,
Վարդագոյն քու արեամբդ պսակեցիր եկեղեցին»:

Հաւատամարտը պատկերուած է շարք մը միջնադարեան ձեռագիրներու մէջ: Ժամանակակից հայ քանդակագործները նոյն թեմայով ունին յայտնի ստեղծագործութիւններ: Անմասն չէ մնացած նաեւ գեղարուեստական հայ գրականութիւնն ու թատերագրութիւնը հայկական մեր իրականութեան մէջ յաճախակիօրէն ծաղկեցնելու Վարդանանց յիշատակը: Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքներու բազմաթիւ են Ս. Վարդանանց անունով կառուցուած եկեղեցիները:

Աւարայրի ճակատամարտը պատմական արձանագրութեամբ կատարուած է 451-ի մայիսի 26-ին: Յայսմաւուրքները կը նշեն օգոստոսի 7: Իսկ ներկայիս մեր ազգային քրիստոնէական հաւատքը ուխտապահօրէն կը գօտեպնդենք` տօնակատարելով Բուն Բարեկենդանին նախորդող հինգշաբթի օրը: Եթէ Տեառնընդառաջը զուգադիպի  նոյն հինգշաբթիին, Վարդանանցի տօնը կը տեղափոխուի նախընթաց երկուշաբթին:

 

 

 

Բարոյական Յաղթանակներէն Անդին (Վարդանանքի 1565-Ամեակ)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

538166

Վարդանանցի իմաստը այն է, որ պարսիկները մեր դարաւոր ազգային հաւատամքին, ինքնութեան, համոզումերուն եւ պայքարի համակարգը խախտել եւ բնաջնջել ուզեցին, եւ այդ պատճառով մենք ոտքի կանգնեցանք եւ դարձանք դրօշակ` յանուն ազգային հոգեւոր, կրթական, եւ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան:

ԿՈՄԻՏԱՍ ՎՐԴ. ՅՈՎՆԱՆԵԱՆ
(Հայրենի պատմագէտ եւ գիտահետազօտող կրօնաւոր)

Սրտացաւ ու հայրենապաշտ հայորդիներ  միահամուռ եւ առանց երկմտանքի տիւ եւ գիշեր կ՛արձագանգեն, թէ ահազանգող սփիւռքահայ կեանքին մէջ ու հայրենի երկնակամարին տակ ա՛լ ի՛նչ կը նշանակեն բարոյական յաղթանակները, երբ ազգը ճակատագրուած է դիմագրաւել համայնակուլ եւ հրաշածին թաքուն թէ բացայայտ պէս-պէս սադրանքներ:

Արդ, ո՞վ է մեզ թոյլ տուեր, որ մենք պարագաներու եւ պայմաններու  բերումով հեռու մնանք հազարամեակներու հնութեամբ կենսաշող ազգային շտեմարանի հարստութեան գիտակցութենէն:

Որո՞ւ հաշուոյն յաճախ մենք կ՛ուրանանք անցեալի մեր փառաւոր ու անկրկնելի քաղաքակրթական նուաճումներուն իսկութիւնը եւ անտարբերի պատմուճանը հանդերձած` կուլ կու տանք այսօրուան մեր ախտավարակ կեանքի դժբախտութիւնները:

Ինչո՞ւ հանապազօրեայ աղօթքի չենք վերածեր եւ նորահաս սերունդներու սեփականութիւնը չենք դարձներ աւելի քան հինգ հազարամեայ մեր նախնեաց հրաշափառ գիտական թէ մշակութային, հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու հայեցակարգերը, որոնցմով մարդկութիւնն անգամ կը հպարտանայ եւ կը հրապուրուի:

Այլ խօսքով, հայոց պատմութեան դարաւոր անցեալի հետ մեր ներկայի հոգեմտաւոր կամրջումին մասին ինչպիսի՞ յանձնառութեամբ մեր պարտքը կը կատարենք: Եւ կամ ինչու պէտք է անյապաղ կատարե՛նք:

Մամիկոնեանք սերունդի 1565-ամեակն է:

Եթէ երբեք 451-ին Յազկերտներու Պարսկաստանը ուզեց իր քաղաքական ու զինուորական ուժով ծունկի բերել հայութիւնը` անոր պարտադրելով իր սեփական` զրադաշտական հաւատամքն ու կրօնը, հաւաքական ըմբռնումներն ու համոզումները, եթէ երբեք Սասանեան կայսրութիւնը իր երբեմնի համայնակուլ վարքագիծով փորձեց ծունկի բերել հայոց պետական աւագանին եւ իր հակակշիռին տակ առնել ամբողջ Հայաստանի ղեկավարումը, եթէ երբեք Տղմուտ գետի ափին թշնամի հզօր բանակը` ապաւինած իր փիղերուն, ամէն միջոցի դիմեց փշրելու հայ ժողովուրդի արիական ծագում ունեցող սիրտն ու կամքը, եթէ երբեք պատմակերտ դաշտին` Աւարայրի հողին վրայ հայոց թշնամի տիրակալ ուժը իր գերազանց առաւելութեամբ փորձ կատարեց ընկճելու ու բարոյալքելու հայոց հաւաքական գիտակցութեան եւ նուիրաբերումին ամէնէն թանկագին առանձնայատկութիւնը` ազգային արժանապատուութիւնը, ապա հայութիւնը ինչո՛ւ այսօր, իր կարգին կը տօնակատարէ  սրբազան իմաստ ու խորհուրդ զգեցող այս պատմակշիռ դրուագը, որուն անունով ենք ապրեր այսքան դարեր:

Արդարեւ, հայ ազգի հնութեան չափ գիր ու գրականութիւն ժառանգած ենք` նոյնինքն Վարդանանց հերոսամարտի փառքն ու բովանդակութիւնը յատկանշող, եւ սերունդներու սեփականութիւնն ենք դարձուցեր հայոց մարտունակութեան եւ քաջասրտութեան կերպարը մարմնաւորող սպարապետ Վարդանի բարեմասնութիւնը:

Փաստօրէն, Վարդանանք հերոսամարտը հայ ժողովուրդի ըմբոստի ու պահանջատէրի դարաւոր նկարագրային առանձնայատկութիւններուն ամէնէն պերճախօս վկայութիւնն է հանդիսացեր, եւ որուն արձագանգը հայութիւնը ինք ապացուցեց Արցախի հերոսական լեռներուն վրայ մարտնչելով զազիր թուրք-ազերիին դէմ:

Ո՛չ, ճիշդ չէ Վարդանանք սխրաքը եւ կամ թշնամիին դէմ սլանալու պատրաստակամութիւնը, անպայման յաղթելու վճռակամութիւնն ու ներքին համոզումը, նահատակութեան ծարաւն ու ազգային իւրայատուկ դիմագիծի պահպանումը առնչել լոկ քրիստոնէական հաւատքին ու ազգային կրօնական մօտեցումներու:

Եթէ երբեք հետագայ դարերու եւ ժամանակներու մեր բոլոր մատենագիրները, գրողները, բանաստեղծներն ու վիպագիրները շեշտը դրած են բարոյական յաղթանակին վրայ` քրիստոնէաւանդ հասկացողութիւններու եւ արժէքներու փառքը հիւսելով, ապա նաեւ` անոնց իւրաքանչիւրի հոգեմտաւոր ապրումներուն եւ զգացումներուն կիզակէտն է եղած Վարդանանք սերունդի ընդդիմանալու եւ թշնամիին դէմ կանգնելու ուժեղ հաւատամքն ու հաստատակամութիւնը, հակառակ այն իրողութեան որ ներհայկական կեանքի մէջ առկայ էին տարբեր մտածումի եւ քաղաքական կողմնորոշումի հաւատացող անձնաւորութիւններ:

Իսկ ինչպիսի՞ պատկեր կը կազմէ հայութեան այսօրն ու ապագան իր բազմաբնագաւառ արտայայտութիւններով:

Արդեօք հաւաքաբար գիտակից ե՞նք, թէ մերօրեայ կեանքին մէջ գոյութիւն ունին  հայանուն յազկերտներ, որոնք ո՛չ միայն թշնամի են հայութեան, այլ նաեւ կ՛ուզեն արմատախիլ ընել անցեալի ու ներկայի հետ առնչութիւն ունեցող հայ քաղաքակրթական ամէն նուաճում եւ հարստութիւն:

Արդեօք վերանկախ հայոց պետականութեան աւագանին իր քաղաքական մտքի հասունութեամբ արժեւորած, գնահատած եւ համապատասխան առաջադրանքներու մասին մտածած է՞, կը մտածէ՞, թէ համաշխարհային ներկայ քաղաքական ու տնտեսական համակարգի ամբողջ տեսադաշտին վրայ կը գործեն նորովի եւ աւելի գազանաբարոյ Սասանեան կայսրութիւններ, որոնք ամէն քայլափոխի կը նկրտին հաշուեյարդարի ենթարկել հայութեան մնացորդացը:

Աւելի՛ն. առհասարակ աշխարհատարած հայութիւնը իր բոլոր գոյներով եւ շերտերով, պատկառելի քաղաքական կարողականութեամբ, ծանրակշիռ դեր ունեցող տնտեսական կարելիութիւններով եւ հզօր ներուժով մասնակի՞ց է հայոց ազգային ծրագիրի  մշակումին, հաստատագրումին եւ կենսագործումին:

Վարդանանք սերունդի տղաքը` ատենի հայութեան ղեկավարները,   միթէ ազգային նմանատիպ ծրագիրներու ջահակիրները չհանդիսացա՞ն` ցոյց տալով հաւատամքի ու զօրութեան եզակի տիպականութիւն:

Ո՞ւր են մերօրեայ Վարդանանց հերոսամարտի այսօրուան ճակատամարտերը  յանուն հայրենիքի անվտանգ ու բարօր գոյառումին, յառաջդիմութեան եւ զարգացումին, հայրենապարպումի կասեցումին, հայահաւաքի ու հողահաւաքի իրաւ առաջադրանքներու ճառագայթումին, ապագայի մեր ընելիքներու յատակագիծերու ջրդեղումին եւ հետապնդումին:

Չափազանցութեան յանձնուած կ՛ըլլա՞նք, եթէ երբեք շեշտադրենք հաւաքական մեր կեանքի իւրաքանչիւր բնագաւառի ողբերգական ու  անըմբռնելի կացութիւնները, երբ այսօրուան ժամանակները մեզմէ կը պահանջեն առաւել լրջութիւն եւ խոհեմութիւն, կազմակերպուածութիւն եւ իրաւ աշխատանքի նախանձախնդրութիւն:

Որպէսզի նորահաս սերունդներու ազգային ինքնուորոյն դիմագիծի ամբողջական հասկացողութիւնները վառ պահենք, պարտաւոր ենք կառչիլ  արժէքներու Վարդանանք տեսակին եւ ատով ապահովել քաղաքակրթական մեր շտեմարանի շարունակականութիւնն ու ողջ էութիւնը:

Այս կը յուշէ պատմակերտ դրուագին 1565-ամեակը:

 

 

 

Վարդանի Ճառը

$
0
0

Vartan1_020416

«Շատ պատերազմներ եմ մտած, դուք ալ ինծի հետ. տեղ կար, որ քաջութեամբ յաղթեցինք թշնամիներուն, տեղ ալ կար, անոնք մեզի յաղթեցին. բայց աւելի շատ յաղթած ենք, քան` յաղթուած: Ո՛վ որ կը փախչէր վատանուն կը համարուէր աշխարհի մէջ եւ անողորմ մահ կ՛ունենար. իսկ ո՛վ որ քաջութեամբ առաջ կ՛անցնէր, ազգի մէջ քաջի անուն կը ժառանգէր եւ անցաւոր ու մահկանացու թագաւորէն մեծամեծ պարգեւներ կը ստանար: Եւ ահա մենք` ինքներս, մեզմէ ամէն մէկը շատ վէրքեր ու սպիներ ունինք մեր մարմիններուն վրայ եւ շատ քաջութիւններ են եղած, որոնց համար մեծամեծ պարգեւներ ենք ստացած:

«Այժմ, կ՛աղաչեմ ձեզի, իմ քա՛ջ նիզակակիցներ, մանաւանդ որ ձեզմէ շատերը քաջութիւնով բարձր էք ինձմէ եւ հայրենական գահով ալ բարձր էք, բայց երբ ձեր յօժար կամքով ձեզի առաջնորդ եւ զօրագլուխ կարգեցիք զիս, թող ախորժելի ու բաղձալի թուին իմ խօսքերը մեծերուդ եւ փոքրերուդ ականջին: Չվախնանք, չխրտչինք հեթանոսներու բազմութիւններէն եւ ոչ ալ մահկանացու մարդու ահագին սուրի դէմ թիկունք դարձնենք, որպէսզի, եթէ Տէրը յաղթութիւնը մեզի թողու, սատկեցնենք անոնց զօրութիւնը եւ բարձրանայ ճշմարտութեան կողմը: Իսկ եթէ հասած է ժամանակը, այս պատերազմի մէջ սուրբ մահով վճարենք մեր կեանքը, ընդունինք ուրախ սրտով, միայն թէ մեր քաջութեան մէջ վատութիւն չխառնենք:

«Մանաւանդ չեմ մոռցած, թէ ինչպէս ես եւ ձեզմէ ոմանք ժամանակ մը խաբեցինք անօրէն իշխանին, ինչպէս անպիտան աղայի մը, երբ երեսանց կատարեցինք անոր ամբարիշտ կամքը. բայց ծածուկ, Տէրը ինքը վկայ է մեզի, թէ ինչպէս անբաժան էինք մնացած խորհուրդով: Դուք ինքներդ ալ գիտէք, թէ հնարք կը փնտռէինք ազատելու համար մեր սիրելիներուն կեանքը, որոնք մեծ նեղութեան մէջ էին, որպէսզի անոնց հետ միասին կռուէինք անօրէն իշխանի դէմ հայրենի աստուածատուր օրէնքներու համար: Եւ երբ չկրցանք անոնց օգնել` այժմ անկարելի բան է, որ մարմնաւոր սիրոյ համար Աստծուն փոխանակենք մարդոց հետ:

«Արդ, երկու երեք կռիւներու մէջ ինքը` Տէրը մեծ զօրութեամբ օգնեց մեզի, որով քաջի անուն ժառանգեցինք եւ արքունի զօրքը չարաչար ջարդեցինք, մոգերուն ալ անողորմ կերպով սատկեցուցինք եւ քանի մը տեղերէ կռապաշտութեան պղծութիւնը սրբեցինք, թագաւորին անօրէն հրամանը անարգեցինք, ծովուն խռովութիւնը իջեցուցինք, լեռնացած ալիքները դաշտացան, բարձրագէզ փրփուրները ոչնչացան, գազանացած կատաղութիւնները դադրեցան: Ան, որ ամպերու վրայէն կ՛որոտար, խեղճացած` սովորական բնութենէն ալ ցածցաւ, խօսելով մեզի հետ: Ան, որ բերանացի հրամանով իր չարութիւնը կը կատարէր սուրբ եկեղեցիի վրայ, այժմ աղեղով նիզակով ու սուրով կը կռուի: Ան, որ կը կարծէր, թէ մեր քրիստոնէութիւնը մեր հագած հագուստին պէս է, այժմ փոխել չի կրնար, ինչպէս` մեր մարմնի գոյնը եւ գուցէ չկարենայ ալ փոխել մինչեւ վերջ: Որովհետեւ անոր հիմքը ամուր կերպով անշարժ վէմի վրայ է դրուած, ոչ թէ միայն երկրի վրայ, այլեւ վերը, երկնքի մէջ, ուր ո՛չ անձրեւ կու գայ, ո՛չ քամի կը փչէ եւ ո՛չ ալ հեղեղ կը բարձրանայ:

«Վախը թերահաւատութեան նշան է. թերահաւատութիւնը մենք շատոնց հեռացուցած ենք մեզմէ, անոր հետ թող երկիւղն ալ փախչի մեր մտքերէն ու խորհուրդներէն»:

Վարդանանց Մի՛շտ Այժմէական Խորհուրդը

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ

 

sahag-bartev-vartanants

1565 տարի առաջ տեղի ունեցած դէպքը միշտ ալ մարտահրաւէրի առջեւ դրած է հայ ժամանակակից քաղաքական միտքը այն իմաստով, որ ինչպէ՛ս կարելի է այժմէական դարձնել անոր փոխանցած պատգամը: Փաստօրէն, Վարդանի եւ իր զօրական ընկերներուն հերոսականը պատահական դէպք մը չէ եղած հայոց պատմութեան մէջ, այլ կոչուած եղած է իր որոշադրիչ դրոշմը ձգելու հայ մտածողութեան եւ ազգային ինքնութեան վրայ: Քանի մը առանցքներ կան այն խորհուրդին մէջ, որ դարերու խորքէն մեզի կը փոխանցուի` իբրեւ ազգային գաղափարախօսութեան անբաժանելի մաս: Ուրեմն, առանձին-առանձին կը դիտարկենք իւրաքանչիւր առանցք:

Քաղաքական Գաղափարապաշտութիւնը`
Ընդդէմ Գործնապաշտութեան

Եղիշէ պատմիչը շատ իտէալական երանգներով ներկայացուցած է Վարդանանց ճակատամարտի անձուդարձերը եւ հիմնական դերակատարները: Միգուցէ ըլլան ուսումնասիրողներ եւ պատմաբաններ, որոնք  պնդեն, որ Վասակ Սիւնիի քաղաքական ուղիին գծով անարդարութիւն մը արձանագրուած է: Սա կրնայ ճիշդ ըլլալ կամ ոչ, բայց եթէ խնդիրը դիտարկուի ազգային ինքնութեան կազմաւորման մեկնակէտէն, ապա կը տեսնենք, որ դարեր առաջ պատահածը, որ նաեւ հիմա կը շարունակուի, ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ հայ քաղաքական մտքին մէջ առճակատումը քաղաքական գաղափարապաշտութեան եւ գործնապաշտութեան միջեւ:

Քաղաքական առօրեային մէջ «ճկունութիւն»-ը, «քաղաքական առեւտուր»-ը սովորական եզրեր են ներկայ ժամանակաշրջանին, ուր սկզբունքայնութիւնը այդքան քաշողականութիւն չունի քաղաքական ասպարէզին մէջ գործող մարդոց համար, բայց հիմա եւս մահ ու կենաց վիճակներ կան, ինչպէս որ կային 1565 տարի առաջ: Այն ժամանակ Վարդանանք ընտրեցին քաղաքական անզիջողականութիւնը` հաւատքի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան հարցով: Անզիջում սկզբունքայնութիւնը, սակայն անոնց մօտ շաղախուած էր,  գիտակցուած ու խոր գաղափարականութեան հետ, որ իբրեւ սկզբնակէտ առած էր աւետարանական ուսուցումները:

Այո՛, զինուորապէս պարտուեցան պատերազմի դաշտին վրայ, բայց անոնց ստեղծած քաղաքական սկզբունքայնութեան, գաղափարապաշտութեան ուղին շարունակեց ներգործել հայ քաղաքական մտքին մէջ, մինչեւ որ եկան Վահանեանք, եւ այն ինչ որ Վարդանանք չկրցան ընել պատերազմի դաշտին վրայ, ըրին իրենք` իրենց այդ իրագործումը ամրագրելով Նուարսակի պատմական դաշնագիրով:

Այսօր ալ, ինչպէս վերը նշեցինք, առճակատումը առկայ է հայ քաղաքական մտքին մէջ գործնապաշտութեան ջատագովներուն եւ գաղափարապաշտներուն միջեւ: Առկայ մարտահրաւէրներուն հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուիլ վերջ ի վերջոյ: Վարդանանք կտրուկ էին իրենց մօտեցումներուն մէջ` հայրենիքի եւ հաւատքի պաշտպանութեան հարցին մէջ: Այսօր ալ եթէ ըլլային անոնք, նոյնպէս պիտի վարուէին ազգը վտանգող երեւոյթներուն, թշնամիներուն, ուծացման եւ ձուլման երեւոյթներուն դէմ:

Մարտական Քրիստոնէութիւն

Վարդանանց հաւատամարտին ընդմէջէն մենք առաջին անգամ ըլլալով հայոց պատմութեան մէջ կը հանդիպինք աննախադէպ երեւոյթի մը, երբ քրիստոնէութիւնը պահուան մը համար մէկդի կը ձգէ իր խաղաղասիրական դիմագիծը եւ ամբողջութեամբ կը ներկայանայ իբրեւ զինուորեալ հաւատքի կրօն` մարտական դիմագիծով:

Հաւատամարտէն առաջ չէ եղած որեւէ դէպք, երբ հայկական քրիստոնէութիւնը մարտական դիմագիծով հանդէս եկած ըլլայ: Այսպիսով ալ, պատմական փորձով Վարդանանք ապացուցած են, որ քրիստոնէութիւնը սխալ ու թերի հասկցուած խաղաղասիրական ուսմունքը չէ, այլ ի պահանջել հարկին գաղափարական զէնք է, որ հայրենիքի ու հաւատքի զինուորները կը մղէ դէպի իմացեալ մահուան գիրկը:

Քրիստոնէական ուսմունքի այս մարտական պատկերացումին ձեւաւորման մէջ անշուշտ իրենց դերակատարութիւնը ունեցան` օրուան քահանաները Ղեւոնդ Երէցի գլխաւորութեամբ: Անոնք աշխարհազօրայիններուն եւ կանոնաւոր բանակին մէջ մտնելով զանոնք բորբոքեցին յեղափոխական գաղափարով, հրահրեցին բազմութիւնները պարսիկ կեղեքիչին դէմ, ամրապնդեցին մարդոց հաւատքը իրենց սեփական ուժին նկատմամբ: Այլեւս քրիստոնէութիւնը միայն աղօթքի կրօն ըլլալու փոխարէն վերածուեցաւ մարդիկը կեղեքումին դէմ ըմբոստացումի մղող ուսմունքի:

Այսօր որքա՛ն կարիքը կայ վերստին ծանօթանալու այդ էապէս յեղափոխական քրիստոնէութեան աւանդութիւններուն:

Ազգային Գաղափարախօսութեան Մշտանորոգ Ներշնչարան

Երբ ազգային զարթօնքը սկսաւ հայութեան մէջ, հայութեան մտաւորական վերնախաւը սկսաւ որոնել հայոց հնագոյն ժառանգութենէն մնացած այն իրադարձութիւնները, որոնք պիտանի էին կազմաւորելու հիմքը հայ ազգային գաղափարախօսութեան: Հետագային ալ, երբ կամաց-կամաց աւելի սկսաւ ձեւ առնել հայ ազգայնութիւնը, անոր գաղափարախօսները, տեսաբանները չէին կրնար անտեսել Մամիկոնեաններու դերակատարութիւնը հայոց ազգային պատմութեան մէջ:

Միշտ հայոց կեդրոնական պետութեան ամրապնդման ու պաշտպանութեան զօրակից Մամիկոնեանները Վարդանանց ճակատամարտով նոր յատկանիշ ստացան` հայրենիքի եւ հաւատքի համար ինքնազոհողութեան երթալու յատկանիշը: Արդէն կար «Մամիկոնէից ուխտ»-ի հասկացողութիւնը, որ «իմացեալ մահու» հասկացողութեամբ կը տոգորէր հայութեան մարտական բազուկը, եւ իրաւամբ ալ այս «ուխտ»-ը հայ ժամանակակից ազգայնական մտքին համար ներշնչման աղբիւր հանդիսացաւ:

Վարդանանք, Աւարայր, Եղիշէ պատմիչ, Ղեւոնդեանք եւ աւելի ուշ Վահանեանք իրենց կարեւորութեամբ, անոնց մասին գրուած հսկայական գրականութիւնը մէկական ներչնչման աղբիւրներ են հայ ժամանակակից ազգային գաղափարախօսութեան համար: Մէկն ալ մտքէն թող չանցընէ, որ հայ ազգը կրնայ այսուհետեւ եւս գոյատեւել առանց Վարդանանց քաղաքական գաղափարապաշտութեան:

 

 

 

Քաղաքական Սուրբերն Ու Անոնց Պատգամը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Vartan_Mamikonyan_020416

Պօղոս առաքեալ կը նշէ, թէ հաւատացեալներու հաւաքականութիւնը եկեղեցին է, իսկ եկեղեցին` Քրիստոսի մարմինը: 451 թուականին, մինչ ուրիշներ Քաղկեդոնի մէջ Քրիստոսի մարմինը կը բզքտէին, հայոց բանակը Աւարայրի դաշտին վրայ կը պաշտպանէր եկեղեցին` Քրիստոսի մարմինը: Այդ իրողութիւնը, սակայն, այդ ճակատամարտին միայն մէկ երեսն է:

Սարգիս Զէյթլեան դիպուկ կերպով կը նշէ. «Բոլո՛ր ազգերը, ամէնէն մեծերէն սկսեալ մինչեւ ամէնէն փոքրերը, գիտե՛ն եւ կը գիտակցին, յստակօրէն եւ աներկբայօրէն, թէ իրենց գոյութեան ու գոյատեւման հիմնական ազդակը կը կայանայ ո՛չ թէ իրենց ինքնութիւնը չակերտել ու չքացնելուն, այլ զայն տեւաբար շեշտելուն, զօրացնելուն ու ընդգծելուն մէջ: Գիտեն եւ կը գիտակցին, որ իրենց գոյութեան, գոյատեւման ու մեծութեան նախապայմանը ո՛չ թէ ազգային ինքնութեան համադրութեան, այլ հակադրութեան մէջ է: Ընդհակառակն, համադրութիւնը մահ է իրենց համար, կեանքն ու կենսունակութիւնը-ո՛չ միայն իրենց, այլեւ բովանդա՛կ մարդկութեան- հակադրութեան մէջ է: Այո՛, ազգային ինքնութիւնը, ազգային առանձնայատկութիւնները, ազգային դիմագիծը շեշտելուն, ազգային գոյներն ու գունաւորումները խտացնելո՛ւն մէջ է կեանքը, կեանքի աղբիւրը բոլոր ազգային անհատականութեանց, անձնականութեանց, ճշմարտութեա՛նց, մշակոյթներո՛ւն, արժէքներո՛ւն»:

Այսօր ազգային այդ ինքնութեան պահպանման համար է, որ Եւրոպական միութեան անդամ երկիրներու մէջ յառաջացած են համաեւրոպացիութիւնը մերժող քաղաքական շարժումները, ինչպէս նաեւ իրենց երկիրներուն մէջ քիչ մը ամէն տեղ «սունկի պէս բուսած» մինարէներուն եւ իսլամ համաքաղաքացիներուն ու գաղթականներուն բարձր ծնելիութեան համեմատութեան ի տես` իսլամոֆոպիան: Պետութիւններու համարկման քաղաքականութենէն ետդարձ կատարելու այդ ձգտումին դրդապատճառը այն է, որ այդ համարկումը նաեւ պետութիւններէն անդին կը նշանակէ նաեւ ազգերու` անոնց ինքնութեան համարկումը, եւ ոչ թէ գոյակցութիւնը: Հարց մը, որ նորաստեղծ չէ:

Dertad-III_020416Mesrob-Mashdots_020416301 թուականին հայ ժողովուրդին կողմէ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն որդեգրումը բացառապէս քաղաքական աքթ մըն էր, որուն գլխաւոր դերակատարն էր Տրդատ Գ. թագաւորը: Ան էր, որ պատմագիրին կողմէ պատկերաւոր կերպով իբրեւ խոզի վերածուելով անտառները դեգերող իբրեւ ներկայացուած, երկարատեւ մտատանջումէ ետք, տուաւ այդ ճակատագրական որոշումը, որ փոքրաթիւ հայութիւնը կ՛անջատէր զինք շրջապատող մեծաթիւ հեթանոս ժողովուրդներէն: Ան այդ որոշումը տուաւ քաջ գիտակցելով հեթանոս մեծ տէրութիւններով շրջապատուած երկրին ու ազգին համար նման որոշումին ստեղծած անմիջական վտանգներն ու դժուարութիւնները, որոնք յանձն կ՛առնէր դիմագրաւել ի սէր իր ազգի գոյատեւման: Այլ խօսքով, իր անձնական շահն ու հանգիստը կը զոհաբերէր հաւաքական շահի բագինին: Որոշ ժամանակ ետք, արդէն քաջարի ու հեռատես թագաւորին այդ մեծ քայլը, որուն համար ալ ան իրաւամբ կը կոչուի Տրդատ Մեծ, պայմաններու փոփոխութեան պատճառով այլեւս դադրած էր հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման համար բաւարար ըլլալէ: Այդ «վահանը» կարիքը ունէր ամրապնդման: Այդ քայլը առնուեցաւ 403 թուականին` Մեսրոպ Մաշտոցին կողմէ Վռամշապուհ թագաւորին եւ Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսին հետ համախորհուրդ:

451 թուականին «Վասն հաւատոյ, վասն հայրենեաց» մղուած ճակատամարտը հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման ու գոյատեւման համար առնուած վերոնշեալ երկու քայլերու պաշտպանութեան համար էր:

Պատահական չէ, որ հայոց պատմութեան նշեալ երեք դրուագներուն հերոսները հայ եկեղեցւոյ կողմէ հռչակուած են սուրբեր: Անոնք իսկութեան մէջ քաղաքական սուրբեր են եւ ոչ թէ` կրօնական: Անոնք աշխարհագրական վատ դիրքի մը վրայ ապրող փոքր ազգի մը գոյատեւելու, ստեղծագործելու եւ զարգանալու պարգեւի հրաշքը գործած սուրբեր են, որոնք իրենց բարեխօսութիւնը կը կատարեն միա՛յն հայ ժողովուրդի հաւաքական կեանքի առնչուող հարցերու վերաբերեալ եւ ոչ թէ` անհատական: Հրաշագործ այդ սուրբերը կը շարունակեն գործել, սակայն լռելեայն ու ծածուկ կերպով. վստահ ենք, որ անոնք Սարդարապատի ճակատամարտի եւ Արցախի ազատագրութեան ընթացքին կը բարեխօսէին իրենց ժողովուրդին համար եւ կանգնած էին ու կը շարունակեն կանգնիլ հայկական բանակին կողքին:

Ազգերը չեն մեռնիր, այլ անձնասպան կ՛ըլլան, երբ պարտուողական ոգիով կը հաշտուին լեզուի եւ ազգային նկարագիրի կորուստին, կը հրաժարին ազգային մշակոյթէն ու քաղաքական դատէն եւ զանոնք նոր սերունդներուն փոխանցելուն մէջ կը թերանան կամ այս սրբազան պարտականութենէն կը հրաժարին: Ատոնք են այն թոյնի կաթիլները, որոնք կը սպաննեն հայ ազգը:

Եթէ այսօր կը գոյատեւենք, ապա` շնորհիւ մեր նախահայրերուն, ի շահ հաւաքականին անոնց կատարած բազմաթիւ զոհողութիւններուն ու գոյատեւման կամքին: Այո՛, հայ ըլլալը (ինչպէս այլ ազգի զաւակ ըլլալը) դժուար է, ատիկա երբեք ալ դիւրին չէ եղած, սակայն անձնասպանութիւնը փրկութիւն կամ լուծում չէ: «Ապրեցէ՛ք եւ այդ ալ` հայօրէն». ա՛յս է պատգամը մեր քաղաքական սուրբերուն:

 

Խմբագրական. Չարտօնել Հարցականէն Հաստատումի Անցումը (Վարդանանց Տօնին Առիթով)

$
0
0

x_1fa632c5

Վարդանանց պատերազմի մասին հրապարակային խորհրդածութիւն կատարելը աւանդութիւն յարգելու հերթական առիթ է նախ եւ առաջ. բայց հերթական հասկացողութիւնը ինքնին ներկայ օրինաչափ նկատուած առումներուն մէջ երբեմն սովորութիւն յարգելու տպաւորութիւն կրնայ ձգել, եթէ այդ հերթականին չուղեկցուին ժամանակակից, ամենահրատապ խնդիրներու հետ խորհուրդներու զուգահեռման փորձերը:

Մամուլը հերթական անգամ այս սովորութիւնը յարգելու ձեւականութեան փորձութեան առջեւ կը գտնէ ինքզինք եւ կը դիմագրաւէ ժամանակակից դէպքերու հետ զուգահեռումի արուեստականութենէն հեռու մնալու խնդիրը:

Բայց Վարդանանց խորհուրդը այնքան մարմնաւորած է ու ներփակած հայ ժողովուրդի գոյութեան եւ ազգի շարունակականութեան խորհուրդներու ամբողջութիւնը, որ հայ կեանքին հետ առնչուած իւրաքանչիւր արմատ նետող իրադարձութիւն այս կամ այն կերպով կը գտնէ կարմիր թելը, որ զայն կը կապէ Վարդանանց խորհուրդին:

Եւ այս պարագային նոյնիսկ Եղիշէ պատմիչին ենթակայականութիւնը` Վարդանը հերոսացնելով Վասակը ստորադասելու, կամ գուցէ պատերազմի տարողութեան ուռճացումներն ու ընդհանրապէս Մամիկոնեաններու դերակատարութեան անառարկելիութիւնը ներբողող, դարձեալ գիտականօրէն կը կապուի հայ ժողովուրդի լինելութեան եւ ազգի շարունակականութեան հայկական փիլիսոփայութեան ակունքներուն:

Եթէ Վարդանանցը փրկած է մեր գոյութիւնը, ապա այդ խորհուրդի եղիշէական ներկայացումն ու մեկնաբանութիւնը ահաւասիկ դարերէ ի վեր կը պահէ իր ազդեցիկութիւնը մեր ազգային ինքնուրոյնութեան պահպանման ընդհանուր աշխատանքներուն վրայ:

Այս օրերուն առաջին մտաբերումը Վարդանանց պատերազմին բնոյթին կը վերաբերի: Բնոյթով կրօնական էր պատերազմը: Կրօնի պարտադրանք մէկ կողմէ, միւս կողմէ կրօնի կառչածութիւն: Դիւանագիտական միջոցներու օգտագործում` դաւանափոխութիւն իրականացնելու, միւս կողմէ նաեւ դիւանագիտական ուղիներու որոնում ճակատային պատերազմներէ խուսափելու, սակայն ինքնութիւնը պահելու:

Այստեղ կայ, գոյութիւն ունի նաեւ հոգեւոր եւ ռազմաքաղաքական իշխանութիւններու մտածողութիւններու համատեղում: Աւելի՛ն. հոգեւոր եւ ռազմաքաղաքական ղեկավար դասերուն առընթեր, ինչ որ ամէնէն կարեւորն է նաեւ` քաղաքացիական մտածողութեան համալրում:

Այս միաւորումն է փաստօրէն, որ անհաւասար կռիւէն խուսափիլ չէ տուած հայկական կողմը: Եւ այնքան մէկութիւն ստեղծած է իբրեւ համոզում` հայ ազգի գոյութենական կռիւ, որ ռազմի նախօրէին այս վարքագիծէն նուազագոյն շեղում, աւելի ճիշդը պիտի ըլլար ըսել հաւանաբար այլընտրանքային մտածողութիւն, ծայրայեղականացուած է իբրեւ ընկալում եւ բանաձեւուած իբրեւ դաւաճանութիւն:

Այդպէս է. երբ սպառած են միջոցները, երբ հնչած է մահ ու կենաց կռուի ժամը, երբ միաւորուած է ազգը պատերազմի դուրս գալու իրմէ հզօրին դէմ, այնտեղ այլեւս չեն ընկալուիր այլ ուղիներու մատնանշումը, բայց մանաւանդ ընդհանուր որոշումին մասնակից չդառնալու դասալքումները:

Միայն Եղիշէի ներբողը` Մամիկոնեան տոհմին, բաւարար պիտի չըլլար անմահացնելու սրբազան պատերազմը: Այստեղ կայ թէ՛ պատերազմին եւ թէ՛ «Ազատութիւն կամ մահ» նշանաբանին զանգուածային առարկայացման փաստը: Այլապէս, բազմաթիւ են ներբողական գրականութեան նմուշները, պատմագրական փորձերը տարբեր երեւոյթներու, որոնք չեն դիմացած ժամանակի մաշումին: Անշուշտ այդ բոլորին վրայ աւելցած են Վարդանանցը համաժողովրդայնացնելու իրերայաջորդ սերունդներու հաւաքական կամքը եւ այդ կամարտայայտութեան գործնականացումը ամէն մակարդակի վրայ` աշակերտականէն մինչեւ համայնքային:

Կրնա՞նք այսօր հարցականի տակ առնել, որ նշումի տարողութեան աւանդութիւնները խախտելու հաւանականութեան առջեւ կը գտնուինք: Առ այժմ հարցումի ձեւով դրուած մտահոգութիւնը կրնայ հաստատումի անցում կատարել, եթէ…

Եթէ միութիւնները, վարժարանները, յարանուանութիւնները, եկեղեցական խորհուրդներն ու հայ կեանքին մէջ դեր ստանձնելու յաւակնութիւնը ունեցողները սկսին հրաժարիլ Վարդանանց խորհուրդի նշումէն: Նշում, որ ոգեկոչականի սահմանները անդրանցնելով, քաղաքական հրատապ գործընթացներու հետ խորհուրդներու զուգահեռումը կատարէ եւ հոգեւորէն կրթական, մշակութայինէն մարզական եւ իւրաքանչիւր ոլորտի ու անդաստանի մէջ Աւարայրներ մղելու, անհաւասար մարտերու պատրաստակամութեամբ հրապարակ գալու գիտակցական ենթահողի պատրաստութեան ծառայէ:

Այլապէս ո՛չ Եղիշէի ներբողը, ո՛չ Ղեւոնդ Երէցի ճառը, ո՛չ Վարդանի հերոսացումն ու ո՛չ ալ վաթսուն հազար կտրիճները կը դիմանան այսօրուան փիղերուն ոտքերուն տակ:

 


Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքան «Պեռնարտա Ալպայի Տունը» Եւ Մենք

$
0
0

ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

DSC_6509

Թատերագիր, բեմադրիչ, բանաստեղծ, համամարդկային սիրոյ եւ ազատութեան երգիչ Կարսիա Լորքա, ծնած` Սպանիա, 1898-ին, թատերական աշխարհին յայտնի է «Արիւնոտ հարսանիք», «Մարիանա Պենեթա», «Երմա», «Տոնիա Ռոսիթա» եւ բազմաթիւ այլ թատրերգութիւններով:

Ըստ Լորքայի մարդասիրական ըմբռնումներուն, անձը պարտաւոր է հետեւիլ բանական եւ բնական օրէնքներուն:

Մարդկային ազատութիւնը Լորքային համար ամէն բանէ վեր է: Լորքայի թատրերգութիւնները լրջօրէն խթանած են սպանական ազգային եւ համամարդկային թատրոնի զարգացումը: Իր ազատատենչ գաղափարներուն եւ քաղաքական հայեացքներուն համար ֆրանքոյականները 1936-ին, առանց դատ ու դատաստանի, գնդակահարած են Լորքան:

Լորքայի ստեղծագործութիւնները զօր. Ֆրանքոյի իշխանութեան 36 տարիներու ընթացքին արգիլուած էին Սպանիոյ մէջ: Միայն բռնապետի մահէն ետք` 1975-ին սկսան արդարացնել հանճարեղ գրողը:

«Պեռնարտա Ալպայի տունը» թարգմանուած ըլլալով բազմաթիւ լեզուներով` մինչեւ օրս կը զարդարէ աշխարհի առաջնակարգ թատրոններու խաղացանկը:

Թատերախաղին մէջ արծարծուած թեմաները բազմազան են, որոնցմէ մէկը հասարակութիւն-անհատ հարցն է, կեանքի կարծրացած, չգրուած օրէնքներուն եւ այդ օրէնքներու դատին ենթակայ, բեկուած ճակատագիրները: Թատերախաղի բոլոր կերպարները այդ դատին զոհերն են, որոնք կ՛ապրին այն միջավայրին մէջ, ուր գիւղացիները կը պատրաստուին սպաննել իր ապօրինի նորածինը խեղդած երիտասարդ մայրը, սակայն թատերախաղին գերխնդիրը պայքարն է սիրոյ եւ ազատութեան բնական իրաւունքի համար:

Թատերախաղին թեման մարդկային իրաւունքներու սահմանափակման դէմ է, որ դրսեւորուած է մէկ ընտանիքի ներքին մթնոլորտի պարզ դիպաշարի մէջ. մեռած է ընտանիքին հայրը, եւ հասուն աղջիկները ութ տարի սուգ պիտի պահեն: Գնչու փեփեն այստեղ ազատութեան խորհրդանիշ է, որուն կը ձգտին բոլորը: Միջավայրը, ուր կը կատարուին դէպքերը, կը նմանի տարրալուծարանի, ուր փորձութեան կ՛ենթարկուին` մարդկային արժանապատուութիւնը, խիղճը, կամքն ու երազանքները:

Երբ աղջիկները կ՛ապստամբին բռնակալ մօր դէմ եւ կը փախչին դէպի ազատութիւն, Պեռնարտան կ՛ազդարարէ.

«Գացէ՛ք, աղաւնինե՛րս, սակայն ամէն տեղ նոյնն է, ո՞ւր պիտի փախչիք այս աշխարհէն: Այս կեանքը մեծ զնտան մըն է: Երբ ձեր ճերմակ ճախրանքը զարնուի այս զնտանի պատերուն, դուք թեւաբեկ կը վերադառնաք ձեր բոյնը, հասկցած, որ ազատութիւն կոչուածը միայն ձգտում մըն է…»:

Ապստամբները իսկապէս ալ կը վերադառնան գլխիկոր ու թեւաբեկ, գունաւոր երազները քարշ տալով իրենց ետեւէն: Թատերախաղի աւարտին Ատելան` հերոսուհին, յանուն սիրած տղամարդուն, անձնասպան կ՛ըլլայ, սակայն ողբերգական աւարտը արուեստի ապրեցնող ուժին շնորհիւ` հանդիսատեսին մէջ չի սպաններ լաւատեսութիւնը աշխարհի ու մարդոց հանդէպ:

«Պեռնարտա Ալպայի տունը» համայն մարդկութեան տունն է, որ երէկ, այսօր եւ միշտ տեղ կը գտնեն բռնութիւնն ու բիրտ ուժը. «Ի՞նչ ընել»:

Հայկական տարբեր թատերախումբեր յաճախ անդրադարձած են Լորքայի սոյն թատրերգութեան` շեշտելով իրենց ժամանակաշրջանի գեղագիտութիւնն ու խնդիրները:

Արուեստի մէջ ժամանակը միշտ կը թելադրէ նոր պահանջներ: Այդ պահանջներուն հրամայականով «Արեգ» թատերախումբի աւագ սերունդը նոր եռանդով, նոր ոգեշնչումով ու նոր գեղագիտութեամբ կու գայ ըսելու իր խօսքը, որուն առջեւ նոր հորիզոններ կան:

 

Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերող Վէպերու Ցանկը Հարստացաւ Փաուլօ Գազազեանի «Պոլսոյ Անգղերը» Հատորով

$
0
0

ՌՈՒԲԻՆԱ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

12107182_1071688862871029_7403643684909929331_n

Հակառակ անոր որ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող վէպերը թիւով շատ են, սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր յատկանշական գիծը, որ զինք կը զանազանէ մնացեալներէն:

36016557les-vautoursՓաուլօ Գազազեանի «Պոլսոյ անգղերը» վէպին պարագային, պատմութեան գերակշռող ներկայութիւնն է, որ զայն կը զատորոշէ Հայոց ցեղասպանութիւնը իբրեւ հիմնական առանցք ունեցող այլ վէպերէ: «Սալոն տիւ լիվր ֆրանքոֆոն»-ի նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ, «Ա. Համաշխարհային պատերազմի դժբախտութիւնները» նիւթով կլոր սեղանին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 30 հոկտեմբերին Պիէլի մէջ, Փաուլօ Գազազեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ հիմնական նպատակը, որ կը հետապնդէր այս գիրքի հրատարակութեան ընդմէջէն, նախ հայ, ապա նաեւ ֆրանսախօս ընթերցողը քաջածանօթ դարձնել է «Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան»: Ան այս եզրերով կ՛անդրադառնայ 1890-ական թուականներէն մինչեւ 1920-ական թուականներուն համաշխարհային քաղաքական եւ դիւանագիտական իրավիճակին, Օսմանեան կայսրութեան այլ պետութիւններու, յատկապէս Գերմանիոյ հետ, յարաբերութիւններուն եւ անոնց հոլովոյթին: Գազազեան նաեւ կ՛անդրադառնայ հայերէն բացի փոքրամասնութիւն կազմող ազգութիւններուն եւ անոնց կեանքի պայմաններուն` Օսմանեան կայսրութեան մէջ, եւ վերջապէս գերմանացի, ամերիկացի, ռուս, նոյնիսկ շուէտացի եւ եգիպտացի դէմքերուն,  որոնք իրենց համապատասխան, սակայն անհերքելի դերը խաղացած են Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան մէջ:

Վերոյիշեալ կլոր սեղանին ընթացքին, ինչպէս նաեւ աւելի ուշ զրոյցի մը ատեն, Գազազեան փափաք յայտնեց, որ հայոց պատմութեան դպրոցական գիրքերուն մէջ «Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւն» խորագիրին տակ մանրամասնուին վերոյիշեալ դէպքերը եւ դէմքերը, ինչպէս ինք ըրած է «Պոլսոյ անգղերը» պատմական վէպին մէջ,  որովհետեւ, ըստ գրողին, անընդունելի է չճանչնալ պատմական բնոյթ ունեցող մանրամասնութիւններ, որոնք ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն դերակատար եղած են հայ ազգի պատմութեան եւ ճակատագիրին մէջ, ինչպէս նաեւ կարելի չէ մասնակի գիտութեամբ եւ գիտակցութեամբ Հայ դատը պաշտպանել: Արդարեւ, կողմնակալութենէն խուսափելու համար Գազազեան պատրաստած է 2000 էջերու վրայ երկարող վաւերագրական փաստաթուղթ մը, զոր հետագային ամփոփած է մօտաւորապէս 600 էջերու մէջ: «Պոլսոյ անգղերը» պատմական վէպին կառոյցը եւ Գազազեանի ոճը յստակօրէն կը ցոլացնեն գրողին գիտական եւ առարկայական մօտեցումն ու մտածելակերպը: Զրոյցին ընթացքին ան հաստատեց, որ յատուկ սէր ունի պատմութեան հանդէպ եւ այս գիրքին հրատարակութեամբ  կը փորձէ վէպ մը յառաջ բերելու մարտահրաւէրը յաղթահարել: Գազազեան նաեւ յայտնեց, թէ այս պատմական փաստաթուղթը վերածած է պատմական վէպի` գիրքը աւելի եւս հետաքրքրական դարձնելու համար երիտասարդ ընթերցողներուն: Այսպէս, ան հիւսած է Ահարոնեան ընտանիքին պատմութիւնը, որուն հերոսուհին երիտասարդ Կարինէն է:

Աջէն ձախ՝Փաուլօ Գազազեան, կլոր սեղանը վարող Քրիսթիան Թաութըլ եւ Ռամզի Սալամէ

Աջէն ձախ՝ Փաուլօ Գազազեան, կլոր սեղանը վարող Քրիսթիան Թաութըլ եւ Ռամզի Սալամէ

Ան իր ամբողջ ընտանիքի անդամները կորսնցնելէ ետք Ցեղասպանութեան ճակատագրական հարուածներուն իբրեւ հետեւանք, կը յանգի գերմանացի գնդապետ Հանս Գրուկըրի ճամբուն վրայ… Այս պատմական վէպին մէջ ձուլուած են իսկական եւ երեւակայական անձնաւորութիւններ, որոնցմէ երկուքը խորապէս տպաւորած են գրողը. առաջինը` Օթօ Լիման Վան Սանտըրզը, օսմանեան զօրքի 5-րդ ենթաբաժանումի հրամանատարը եւ կայսրութեան մօտ Գերմանիոյ զինուորական պատգամաւորութեան ղեկավարը, որ զուտ դիւանագիտական եւ ռազմավարական մտահոգութեամբ Գերմանիոյ դեսպանին` Վանկընհայմին ուշադրութեան կը յանձնէր օսմանեան պետութեան վերաբերմունքը հայ փոքրամասնութեան նկատմամբ: Հետագային Վան Սանտըրզ հրամանատարը ի նպաստ Սողոմոն Թեհլիրեանին արտայայտուած է այս վերջինին դատավարութեան ընթացքին, երբ ան 1921-ին Պերլինի մէջ ահաբեկեց Թալէաթը: Իսկ երկրորդ տիպարը Եոհաննէս Լեփսիուսն է` Օսմանեան կայսրութեան մէջ Կարմիր խաչի տնօրէնը, որ անխոնջ կերպով տեղեկագիրներ կ՛ուղարկէր Գերմանիոյ դեսպանատուն, ինչպէս նաեւ յօդուածներ կը շարադրէր` վեր առնելով «Հայկական հարց»-ը, որպէսզի անոնք գերմանական թերթերու մէջ լոյս տեսնեն: Հակառակ անոր որ Լեփսիուսի տեղեկագիրները եւ յօդուածները շատ յաճախ տեղ չէին հասներ եւ իրենց նպատակին չէին ծառայեր, մարդասէր գործիչը երբեք չէ յուսահատած: Ըստ Փաուլօ Գազազեանին, հայ երիտասարդը պէտք է ճանչնայ այսպիսի դէմքեր եւ լաւատեղեակ ըլլայ բոլոր այս մանրամասնութիւններէն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր տեղը ունի «Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան» մէջ: «Պոլսոյ անգղերը» պատմական վէպը, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ լոյս տեսած է «Սայըր ալ մաշրըք» հրատարակչատան կողմէ, վաւերագրական կարեւոր յղում մը կը հանդիսանայ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող վէպերու ցանկին մէջ:

 

Անսասան Հաւատքի Տէր Ըլլալու Մարմնացումը. Միքայէլ Յովսէփեանի Յիշատակին

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ԲԱԳԼԱՅԵԱՆ

hovsepian_020616

Միքայէլ Յովսէփեան

Մայքը եւ ես անծանօթներ էինք: Մեր առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 1986-ին, Պուրճ Համուտի մէջ: Երբ մեր հանդիպումները օրական կրկնուեցան, ինքնաբերաբար վերածուեցաւ բարեւի ետքէն խօսակցութեան, եւ դարձանք մտերիմներ: Մեր նիւթերուն մեծամասնութիւնը կրօնքն էր, եւ կը պատահէր, որ շատ մը կիրակիներ միասին եկեղեցի  յաճախէինք:

Մայքը իր երիտասարդութեան ենթարկուած է ինքնաշարժի ծանր արկածի մը, որուն իբրեւ հետեւանք կը կաղար ու կը թոթովէր, բայց միշտ փառք կու տար, որ Աստուած զինք փրկած էր հրաշքով ու կազմած է ընտանեկան բոյն` ունենալով հաւատարիմ կին մը եւ 2 զաւակներ` 1 դուստր, 1 որդի, ուստի երջանիկ էր: Աստուածաշունչին մէջ գրուած է, թէ Աստուած հաւատացեալը կը փորձէ. այդպէս պատահեցաւ Մայքին: Սկիզբը զրկուեցաւ աչքի լոյսէն, սակայն կը շարունակէր փառք տալ, ապա տեսողութենէ զրկուած ըլլալու պատճառով փորձանքով մը զրկուեցաւ քալելէն, բայց ամէն այցելութեան փառք կու տար: Կը հիանայի իր հաւատքին: Օր մըն ալ լսեցի, որ 21 տարեկան զաւակը անակնկալօրէն մահացած էր: Այսպէս գրեթէ տասնեակ տարի մը այդպէս ապրեցաւ Մայք` թէ՛ անդամալոյծ, թէ՛ աչազուրկ, թէ՛ երիտասարդ զաւկէ զուրկ, նաեւ` մարմնային անտանելի ցաւերով:

Մեր վերջին հանդիպումը եղաւ 1 յունուար 2016-ին: Անկարող էր նոյնիսկ խօսելու, երբ ձայնս լսեց իր ծանր ցաւերուն մէջ ջանք թափեց արտայայտուելու եւ վերջին խօսքը եղաւ. «Ասոր ալ փառք, Նորա՛յր»:

Հին կտակարանին մէջ կը կարդանք Հայր Աբրահամի փորձութեան մասին: Աստուած հայր Աբրահամէն ուզեց իր սիրած զաւակը զոհել իրեն համար, եւ հայր Աբրահամ պատրաստուեցաւ զոհելու: Աստուած հաւատարմութիւնը տեսնելով` գթաց եւ զաւակը թողուց, որ ապրի հօրը հետ: Բայց Աստուած Մայքը զրկեց թէ՛ առողջութենէն, եւ թէ 1 հատիկ մանչէն: Բայց եւ այնպէս Մայք կը շարունակէր գոհունակութեամբ փառք տալ Աստուծոյ մինչեւ իր կեանքին վերջին օրն ու վերջին շունչը:

Սիրելի՛ Մայք, քու կեանքդ պէտք է օրինակ դառնայ խրճիթներու մէջ բնակողներէն մինչեւ պալատներու մէջ ապրողներուն, նոյնիսկ կրօնական հաստատութիւններուն մէջ գտնուողներուն: Աստուածը սիրեցիր ու պաշտեցիր, ցաւերուդ մէջ չշեղեցար հաւատքէդ, մնացիր հաւատարիմ կրօնքիդ` հաւատալով, որ դրախտին արժանանալու միակ միջոցն այս է:

 

Սրտի Խօսք` Կարօ Մըթրպեանի Յիշատակին

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ        

Իրերայաջորդ սերունդներու տերեւաթափը կը շարունակէ իր ներկայութիւնը պարտադրել սփիւռքահայ կեանքին:

Եւ այսպէս իրարու ետեւէ կը շիջին տարբեր սերունդի պատկանող սիրելի բարեկամներ եւ ընկերներ, որոնք թէեւ ունէին միեւնոյն ազգային պատկանելիութիւնը, կը շնչէին նոյն միջավայրին մէջ, ապրած էին կեանքի դառն եւ ուրախ պահերը, կերտած` իրենց սեփական թէ ընտանեկան կեանքի ճանապարհը, մասնակցած գաղութահայ կեանքի թէ ազգային մթնոլորտի ջրդեղման, ծառայած` յանուն կուսակցական ու գաղափարական արժէքներու պահպանման, այդուհանդերձ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը յատկանշուէր եզակի կազմաւորումի մը  բարեմասնութեամբ:

Տուեալ սերունդին ներկայացուցիչներէն էր մեր ընկերը` Կարօ Մըթրպեան, որ մեզէ անակնկալ հեռացաւ քառասուն օրեր առաջ` մեզի ժառանգ ձգելով իր կարգ մը մարդկային ու կուսակցական մօտեցումները, ըմբռնումները, համոզումներն ու սովորութիւնները, եւ որոնց յիշատակովն է, որ ան պիտի շարունակէ ապրիլ ու յիշուիլ մեր կեանքին ողջ տեւողութեան:

Այո՛, ընդգծեցինք մեր ընկերոջ եզակի կազմաւորումը, այն առումով, որ ան ունէր սէր ու յարգանք հայ գիր ու գրականութեան նկատմամբ: Քաջածանօթ էր հայ մտքի ու հոգիի ծնունդ տարբեր գրողներու վաստակին, եւ շատ անգամ իր խօսակցութիւններուն մէջ կ՛ակնարկէր տուեալ բանաստեղծին, վիպագիրին թէ մտաւորականին պատկանող դիպուկ եւ լուսաշող արտայայտութիւններուն:

Անոր համար մանաւանդ դաշնակցական գրականութիւնը իր պատմագրական, գաղափարական ու աշխարհայեացքային առումով այնքան մը արժէք ունէին, որ ամէն պատեհ առիթի եւ առհասարակ ժողովական կեանքի ընթացքին կ՛անդրադառնար անոր մասին եւ լոյսին կը բերէր անոր էական կարեւորութիւնը:

Կարօ Մըթրպեանի եզակի հետաքրքրութիւնն ու յարգանքը`  ՀՅ դաշնակցութեան  Ծրագիրին ու Կանոնագիրին հանդէպ, ունէր իւրովի ըմբռնում: Անոր համար կարծես սրբազան պարտք մըն էր նման արժէքներու յիշատակումն ու արծարծումը մանաւանդ ժողովական կեանքին ընթացքին` այն հասկացողութեամբ որ հարկ է ամէն քայլափոխի առաջնորդուիլ ու գործել դաշնակցական տուեալ արժէքներու անշեղ  հաւատարմութեամբ:

Փաստօրէն, մեր ընկերոջ աւելի քան յիսնամեայ ազգային ու կուսակցական նուիրումը հայ կեանքի մէջ, բաւարար ենթահող է ընդգծելու անոր ծառայասիրութիւնը, աշխատելու եւ գործելու մղումն ու ջանասիրութիւնը: Ան տարբեր ժամանակներու մաս կազմած է ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի կազմին, ընտրուած է Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, մօտէն առնչուած է ազգային իշխանութիւններու գործունէութիւններուն, յաճախ մաս կազմած է տարբեր յանձնախումբերու եւ մասնակցած  ժողովներու, եւ ամէն տեղ ան եղած է իւրայատուկ` հարցերուն մօտենալու իր եղանակով եւ մտածելակերպով:

Մեր ընկերը յամառ, սակայն փնտռուած զրուցակից մըն էր: Անոր ընկերականութիւնը շեշտուած ձեւով ինքզինք կը պարտադրէր շատ անգամ` մտերմիկ առիթներու թէ ժողովական կեանքի ընթացքին: Ան կը սիրէր իր ընկերները, հակառակ անոր որ շատ անգամ կը վիճէր ու սուր խօսքեր կ՛արձակէր: Զգալի էր մեր ընկերոջ այն համոզումը, որ, իբրեւ երէց սերունդի ներկայացուցիչ` ան պէտք է միշտ գտնուէր համոզողի ու դաստիարակողի կերպարին մէջ, նոյնիսկ եթէ զինք չըմբռնէին եւ կամ հակաճառէին:

Ան կառչած կը մնար իր համոզումներուն, եւ սակայն մտիկ կ՛ընէր դիմացի ընկերոջ մտածումները: Տուեալ պահերու ընթացքին ան շատ անգամ կ՛արտայայտէր վիրաւորական խօսքեր` տեսակ մը կարոյական հրետանին ի գործ դնելով, սակայն, ի պատիւ իր ընկերներուն եւ իր բարի հոգիին, այդ խօսքերը քանի մը վայրկեան ետք արդէն մոռացութեան տրուած կ՛ըլլային եւ արդէն կը տիրէր խնդուքի, զուարճութեան եւ ընկերականութեան մթնոլորտ:

Յատկանշական էր ընկեր Կարոյի դիմագծային երկու պատկերներ, մէկը` երբ իր առանձնութեան մէջ մտորումներու եւ ծխախոտի գուլաներու յանձնուած է, իսկ միւսը` իր բարի ժպիտը, երբ անակնկալ հանդիպէր իր տան մօտ թէ ճամբու եզրին ընկերոջ մը եւ կամ բարեկամի մը: Ան քաղաքավար եւ կարօտի զգացումը դէմքին կը հարցնէր դիմացինի հալն ու քէֆը, ապա կը յանձնուէր խօսակցութիւններու տարափին:

Իսկ ամէնէն յատկանշականը այն էր, որ կեանքի դառն ու վատը ապրած ըլլալու իր յիշողութիւններուն մէջ ան հարազատ էր ու վճիտ: Ան չէր թաքցներ կեանքի տարբեր երեւոյթներու մասին իր մօտեցումներն ու ապրումները, ընդհակառակը, կը սիրէր ապրիլ կեանքը ինչպէս որ էր, եւ ատոր ամէնէն դիպուկ մարմնաւորումը կը հանդիսանար իր կապն ու յարաբերութիւնները ընկերական միջավայրի մէջ:

Կարօ Մըթրպեանի հետ ապրած ու անոր մտերմութեան մասնակից դարձած ամէն ընկեր լաւապէս հասկցած է անոր ներաշխարհը, հակառակ կարոյական ծուռութիւններու եւ վարուելակերպի, որոնց հիմքը ոչ թէ անձնականութիւնն է, այլ` իւրայատուկ մօտեցում ու գործելակերպ ցուցաբերելու հասկացողութիւնը:

Եւ եթէ երբեք կը խօսինք նման սերունդի ներկայացուցչական բնոյթ ունեցող տիպարներու մասին, ապա ընկեր Կարոյի ներդրումն ու ծառայական գիտակցութիւնը` գաղութահայ թէ կուսակցական կեանքի մէջ, կը մնան օրինակելի` այն առումով, որ նմաններ մնացին հաւատաւոր իրենց կազմաւորումին, դաստիարակութեան եւ գաղափարական ըմբռնումներուն, հակառակ դժուարին ու հոգելլկիչ պահերու:

Ընկեր Կարօ Մըթրպեանի հայրենասէրի, գրասէրի եւ ընկերասէրի բարեմասնութիւնները պիտի մնան մեր յիշողութեան մէջ, յաճախ զինք յիշելով եւ կարօտնալով` մանաւանդ հայ կեանքի թէ կուսակցական աշխատանքի մէն մի բնագաւառի մէջ:

Վարձքդ կատար սիրելի ընկեր:

 

 

 

Կարօ Մըթրպեանի Յուղարկաւորութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Անունով Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Դամբանականը

$
0
0

Garo-Metrebian2Այսօր Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքը հրաժեշտ կու տայ ՀՅ դաշնակցութեան Կանոնագիրի ոգիին ու տարրին արթուն պահակ, հաւատաւոր դաշնակցական Կարօ Մըթրպեանին:

Ընկ. Կարօ կը բաժնուի մեզմէ անակնկալօրէն` խոր վիշտի մատնելով իր հարազատներն ու ընկերները: Այո՛, այլեւս գլխաւոր բացականերէն է ան «Նիկոլ Դուման» շրջանի խմբական եւ ընդհանուր ժողովներէն, կուսակցութեան շրջանային ժողովներէն, Դաշնակցութեան ձեռնարկներէն եւ աւելի՛ն` դաշնակցական ընկերական զրոյցներէն:

Պիտի չլսենք այլեւս ընկ. Կարոյին խրպոտ, բայց համակ Դաշնակցութեամբ լեցուած ձայնը: Կանոնագիրի եւ ժողովական կարգի որեւէ դոյզն խախտումի պարագային պիտի չհանդիպինք  կարգի հրաւիրող իր կոչին, եւ վերջապէս` դատական ու այլ տագնապեցնող հարցերուն գծով պիտի չունենանք իր կարծիքը եւ արդարամիտ ու առարկայական որոշում- առաջարկը:

Ահաւասիկ մեզմէ կը բաժնուի նաեւ այլ կարկառուն ներկայացուցիչ մը այն սերունդէն, որ վկան ու մասնակիցը դարձաւ լիբանանահայ գաղութի նախապատերազմեան կենսունակ ու աշխուժ հանգրուանին: Դերակատար` Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ Դաշնակցութեան գործին ու հովանիին ընդարձակման: Փաստօրէն, ընկեր Կարոն մաս կազմած է Պուրճ Համուտի երեք կոմիտէութեանց, երբ 1978-ին այլեւս վերջնականապէս եւ մինչեւ իր կեանքի վերջին վայրկեանը դարձաւ գործունեայ անդամ, պատասխանատու եւ նաեւ խորհրդատու մեծ ընկեր «Նիկոլ Դուման» շրջանին ու կոմիտէութեան, որ քաղաքացիական պատերազմի օրերուն դիմագրաւեց մեծ մարտահրաւէրներ եւ մղեց հերոսական ինքնապաշտպանութիւն` տէր կանգնելով հայուն ինչքին ու արժանապատուութեան: Ընկեր Կարոն «Նիկոլ Դուման» շրջանին մէջ վարած է կազմակերպական կարեւոր պատասխանատուութիւններ, իր հեղինակութեամբ փորձած է մի՛շտ արագօրէն լուծել ընկերական վէճերն ու տարակարծութիւնները` բոլորը դնելով դաշնակցական գործի գիտակցութեան անհրաժեշտութեան դիմաց:

Այո՛, ընկ. Կարոն երկրորդական եւ համալսարանական ուսում չէր ստացած, բայց ան ինքնաշխատութեամբ տիրապետած էր Դաշնակցութեան գրականութեան եւ իր բոլոր արժեւորումներն ու տեսակէտները կը հիմնէր Դաշնակցութեան հարուստ գրականութենէն բխող դէպքերու ու դէմքերու մասին գրուած խորհրդածութիւններուն ու վկայութիւններուն վրայ:

Դաշնակցութեան գաղափարական ու յեղափոխական հարուստ ժառանգութիւնը ամբողջականօրէն ըմբռնած, ամէն օր հայ կեանքի ապրած հոլովոյթին հետեւելու իր նախանձախնդիր մօտեցումը զինք դարձուցած էր բոլոր հարցերուն գծով տեսակէտ ունեցող եւ իր տեսակէտները մինչեւ Բիւրոյի անդամներուն հետ կիսող, ամէն օր Դաշնակցութեան կատարած գործով ու Հայաստանով ապրող, տագնապող ու հպարտացող իւրայատուկ տիպար մը մեր իրականութեան մէջ:

Կոմիտէի եւ Կեդրոնական կոմիտէի պատասխանատուութիւն վստահուած էր իրեն կազմակերպական ոչ նախանձելի պայմաններու եւ վիճակներու մէջ, որովհետեւ կարիքը զգացուած էր իր արդարամտութեան, իր կամրջողի դերակատարութեան, կանոնագիրը անշեղօրէն գործադրելու իր հաստատակամութեան, եւ վերջապէս` իր հեղինակութեան: Եւ ինք պատուով կատարած էր այդ բոլոր աշխատանքները:

Ազգային առաջնորդարանի Երեսփոխանական եւ Քաղաքական ժողովներուն, ինչպէս նաեւ խորհուրդներուն մէջ ընկեր Կարոն գործեց նոյն սկզբունքայնութեամբ եւ խստապահանջութեամբ: Այնտեղ նաեւ մեծ եղաւ իր դերը հիմնական հարցերու բարւոք լուծում գտնելու աշխատանքին  մէջ: Կրաւորական ներկայութիւն մը չեղաւ որեւէ մարմինի մէջ, այլ դրսեւորեց ամբողջական պատասխանատուութեան գիտակցութիւն եւ բոլոր պատասխանատուութիւնները ստանձնեց խոր համոզումով ու հաւատքով:

Այսօր մենք հողին կը յանձնենք մեր աւագ սերունդի մէկ ներկայացուցիչը: Ընկ. Կարոն այսօր կ՛երթայ միանալու Սարգիս Ազնաւուրեանին, «Քա Պոյ» Անդրանիկին եւ իր ընկերներուն` Քէլէշեանին, Գանտահարեանին եւ այլ նուիրեալներու, որոնք բոլորն ալ իրենց համեստ նկարագիրով, իսկ ոմանք նաեւ նոյնիսկ համեստ ուսումով, բայց տիրական ներկայութեամբ ու դաշնակցականութեամբ յատուկ նկարագիր ու որակ տուին Լիբանանի Դաշնակցութեան մեծ կառոյցին գաղութի պատմութեան անկիւնադարձային  մէկ կարեւոր ժամանակահատուածին: Բոլորին վարձքը կատար:

Իսկ մեզի` այստեղ հաւաքուածներուս ճիտին պարտքը կը մնայ շարունակել ու ընդարձակել Դաշնակցութեան գործը, դրսեւորել անոնց անշահախնդրութիւնը, արդարամտութիւնը, սկզբունքայնութիւնը եւ ապրիլ իրենց տագնապները: Այո՛, ջերմութիւն կար այս սերունդին մօտ, երբ ականատես ու ականջալուր կը դառնայինք իրենց զրոյցներուն: Այսօր բոլոր ժամանակներէն աւելի կարիքն ունինք այդ ջերմութեան, կարիքը կը զգանք ամէն օր քիչ մը աւելիով դաշնակցականանալու:

Ընկ. Կարոն նախորդ օրերուն իր մէկ հարազատին անակնկալ կորուստին առիթով պիտի ըսէր. «Ի՜նչ հանգիստ մահ»: Այսօր ինքն ալ հանգիստ ու խաղաղ կը մեկնի այս աշխարհէն` իր գործը կատարած մարդու ամբողջական գոհունակութեամբ: Բայց մենք պիտի կարօտնանք իրեն եւ շատ պիտի փնտռենք իր համակող ներկայութիւնը:

Անցեալ կիրակի` ընկ. Բենօ Թոնդեանին նուիրուած ձեռնարկին առիթով, երիտասարդ ընկեր մը, ժպիտով ու կատակով ձեռնարկի աւարտին կը մօտենայ ընկեր Կարոյին եւ կ՛ըսէ. «Անհո՛գ եղիր ընկեր, դուն ալ վաղը երբ մահանաս, «Նիկոլ Դուման»-ի ընկերները ակումբին մէջ քու անունովդ անպայման ժողովասենեակի մը բացումը պիտի կատարեն»: Ընկեր Կարոն, որ միշտ ալ հաճելի զրուցակից եղած է մանաւանդ երիտասարդներուն, ժպիտով ու գոհունակութեամբ կը դիմաւորէ այս անկեղծ ու երախտապարտ մօտեցումը: Այո՛, «Նիկոլ Դուման»-ի բոլոր ընկերները անխտի՛ր կը մնան երախտապարտ ընկեր Կարոյին ու կը խոնարհին անոր մեծ վաստակին դիմաց: Կը յիշեն զինք ու իր նմանները, կը պահեն իրենց պատգամն ու կտակը եւ կը կենսաւորեն շրջանի կոմիտէութեան առաքելութիւնը:

Թոյլ տուէք այստեղ տալու նաեւ անձնական վկայութիւն մը: Ընկ. Կարոյին հետ ծանօթացած եմ բաւական կանուխ` իբրեւ Կազմակերպական յանձնախումբի անդամ, եւ օրին մեր միջեւ ստեղծուած է հոգեհարազատ կապ: Անցնող տարիներուն վարժեցուցած էր որեւէ ժողովէ կամ ձեռնարկէ ետք յաջորդ օրը առաւօտ կանուխ հեռաձայնելու եւ իր տեսակէտն ու արժեւորումը փոխանցելու, իր արժեւորումներուն մէջ միշտ մնալով ընդհանրական եւ ոչ հատուածական շահերու գերադասման դաշնակցական հարազատ պատուանդանին վրայ: Կը քննադատէր, բայց չէր վիրաւորեր, կը գնահատէր, բայց չէր գինովցներ, կը սաստէր, բայց չէր վախցներ, մէկ խօսքով` Դաշնակցութիւն կը բուրէր:

Մեր վերջին զրոյցը մէկ շաբաթ առաջ էր, ձեռնարկ-հաւաքի մը ընթացքին, երբ կռնակս թափահարեց, մէկ կողմ կանչեց եւ ըսաւ` իրեն յատուկ շեշտադրումով. «Կեդրոնական կոմիտէն ճիշդ գիծի վրայ է, այսպէ՛ս շարունակեցէք»:

Սիրելի՛ ընկեր Կարօ, Դաշնակցութեան բոլոր Կեդրոնական կոմիտէներն ալ ճիշդ գիծի վրայ փորձած են մնալ, գալիքներն ալ նոյնը պիտի փորձեն: Անհո՛գ եղիր, բոլոր ընկերներն ալ ճի՛շդ պիտի գործեն, իրաւունք չունին սխալելու, սխալներն ալ միշ՛տ սրբագրելի պիտի ըլլան, որովհետեւ մեր բոլորին կատարածը ծառայութիւն է մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին, եւ վերջապէս` մեր մեծ երազի իրականացման ի խնդիր:

Գնա՛, փոխանցէ՛ վերը` բոլոր ընկերներուն, որ Դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցը եւ բովանդակ Դաշնակցութիւնը ճիշդ գիծի վրայ կը գործեն` հաստատ ու վճռակամ:

Վարձքդ կատա՛ր:

Հողը թեթեւ հանգչի վրադ, աւա՛գ ընկեր:

Viewing all 13494 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>