Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 13635 articles
Browse latest View live

Տեառնընդառաջը` Նորապսակներու Եւ Համընդհանուր Օրհնութեան Տօն

$
0
0

IMG-20160207-WA0004f

Պատրաստեց` Այնճարի Հոգեւոր Հովիւ`
ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆՅ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

Քառասնօրեայ Քրիստոսի Երուսաղէմի տաճար երթալուն եւ Աստուծոյ ընծայման տօնն է, երբ Սիմէոն ծերունին եւ Աննա մարգարէուհին ընդառաջ ելան իրենց Աստուծոյն` մանուկ Յիսուս Քրիստոսի: Աւետարանիչներէն միայն Ղուկաս արձանագրած է յատկանշելի սոյն իրադարձութիւնը. «Երբ Մովսէսի հաստատած օրէնքին համաձայն, անոնց ծիսական մաքրութեան ժամանակը լրացաւ, Յովսէփն ու Մարիամը մանուկը Երուսաղէմ տարին Տիրոջ ընծայելու համար, որովհետեւ Տիրոջ Օրէնքին մէջ գրուած է. «Տիրոջ պէտք է նուիրուի ամէն արու զաւակ, որ մօրը առաջին զաւակն է». Ինչպէս նաեւ, Տիրոջ Օրէնքին համաձայն, զոհ մատուցելու «զոյգ մը տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ» (Ղկ. 2.22-24): Տաճարին մէջ, Սիմէոնի գրկին մէջ գգուելէ ետք, փառաբանեց զԱստուած` ըսելով. «Այժմ, ո՛վ Տէր, համաձայն քու խոստումիդ, ձգէ՛, որ ծառադ խաղաղութեամբ մեռնի. որովհետեւ աչքերովս տեսայ Փրկիչը, որ ղրկեցիր բոլոր ժողովուրդներուն, որպէս լոյս` հեթանոսները լուսաւորելու եւ քու ժողովուրդիդ` Իսրայէլի փառք ըլլալու» (Ղկ. 2.29-32):

Այս տօնը իր հոգեւոր խորհուրդով պայմանաւորուած է դէպի Տիրոջ երթալու, վայելելու անոր սէրն ու ողորմութիւնը եւ ապրելու անոր պատուիրաններով: Տեառնընդառաջի տօնը սերտօրէն կապուած ու հիմնաւորուած է յիշուած դէպքով:

Հայ եկեղեցւոյ Տէրունի տօներէն է, կը կատարուի Քրիստոսի սուրբ ծննդեան եւ աստուածայայտնութեան տօնէն քառասուն օր ետք, ամէն տարի փետրուարի 14-ին, իբրեւ անշարժ տօն: Փետրուարի 13-ի երեկոյեան ժամերգութենէն ետք կը կատարուի նախատօնակ, ընթացքին` անդաստան, ներկայ հաւատացեալներուն կը բաժնուին մոմեր, իսկ հանդիսապետող հոգեւորականը կը վառէ ատեանին մէջ սեղանին վրայ զետեղուած մոմերը, որոնցմէ ժողովուրդը կը վառէ իրեն մոմերը իմաստուն կոյսերու վառուող լապտերներու օրինակով եւ իրեն հետ կը տանի տուն:

Արարողութեան աւարտին, հնաւանդ սովորութեան համաձայն, եկեղեցւոյ բակին մէջ խարոյկ կը վառուի: Այս մասին քրիստոնէական օրէնք եւ կարգ գոյութիւն չունի: Հեթանոսները Աստուծոյ փառքը կրակին կը մատուցէին, իսկ քրիստոնեաներս մոմերը վառելով` կը ծառայեցնենք զանոնք Աստուծոյ եւ կը բացայայտենք անոնց ծառայ ըլլալը Քրիստոսի:

Տեառնընդառաջը ժողովրդային լեզուով կոչուած է նաեւ «Տէրընտես» կամ «Տըրընդէզ»: Իսկ բառացի իմաստով կը նշանակէ ելլել դէպի Տիրոջ առջեւ կամ Տէրը դիմաւորել:

Հայ հեթանոսները «Տէրընտես» կը կոչէին տօնը, որովհետեւ կը հաւատային, որ երբ հանդիսաւորապէս պաշտամունք կը մատուցէին կրակի աստուծոյն` Միհրին, դպրութեան աստուած` Տիրը նոյն օրը կ’արձանագրէր իրենց բարի եւ չար գործերը: Ուստի, անոնք այս հանդէսը կատարելով` յոյսը կ’ունենային, որ Տիրը արդար ճշգրտօրէն արձանագրէ իրենց գործերը: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հեթանոսական տօները քրիստոնէականի փոխելով` Տիրի հանդէսը կոչեց Տեառնընդառաջ:

Աւանդութեան համաձայն, այս տօնին նորապսակ փեսաները քահանային կողմէ կը հրաւիրուէին եկեղեցի, անոնք ատեանին մէջ կանգնելով` կը մասնակցէին ժամերգութեան, իրենց ձեռքերուն մէջ վառած մեղրամոմերով: Խարոյկը իրենք կը պատրաստէին, կը վառէին, եկեղեցւոյ թափօրին հետ երեք անգամ շուրջը կը դառնային` երգելով ու պարելով, ապա հարսերուն հետ երեք անգամ կը ցատկէին վրայէն: Նախապէս նորապսակ փեսաները իրաւունք չունէին հարսին ծնողները տեսնելու, մինչեւ Տեառնընդառաջի տօնին, խարոյկին վրայէն ցատկելը, վերացնելով այցելութիւն կատարելու պարտադիր արգելքը: Ինչպէս նաեւ նորահարսերը նուէրներ կը ստանային իրենց ամուսիններէն: Այս կատարումը կը կոչուէր «խզեսցուք զկապանս», այսինքն` փրկել փեսան կապանքէ, ազատութիւն շնորհելով անոր աներոջ տունը երթալու: Այս պատճառներով տօնը մեծապէս կը վերաբերի նոր ամուսնացած զոյգերուն:

Հաւատացեալներ նաեւ կը ցատկէին խարոյկին վրայէն` թօթուելով իրենց հագուստներուն փոշիները, որպէս նշանակ իրենց բոլոր ցաւերուն ու տառապանքներուն այրելը կրակին մէջ: Ցատկելու ընթացքին կ’արտասանէին նշանաւոր խօսքեր, ինչպէս` «Տէրընտես, մարդ ինծի տաս, ես խնդամ…, դուն լաս», «Երթամ ընեմ բարութիւն, հոգիս երթայ արքայութիւն»…

Խարոյկի ծուխին ուղղութեամբ կ’որոշէին, թէ որ կողմի դաշտերը բերրի պիտի ըլլային: Կը հաւատային, թէ կը պատճառէ եղանակի բարեխառնութիւն եւ հունձքի առատութիւն: Անոր մոխիրը կը ցանէին արտերու եւ ագարակներու մէջ` որպէս նշան օրհնութեան եւ արգասաբերութեան:

Տեառնընդառաջի սեղանը կը զարդարուէր շարք մը  կերակրատեսակներով, որոնցմէ են` դդումի կորիզը, նաբաթը, սիսեռը…

Տեառնընդառաջի տօնին Քրիստոսի օրինակով ծնողներ իրենց զաւակները եկեղեցի կը բերէին Տիրոջ ընծայաբերելու: Ապա կ’այցելէին ազգականներուն, որոնք փոքրիկներուն աչքը համբուրելով` նուէրներ կու տային եւ կը շնորհաւորէին ծնողները այս տօնին առիթով:

Ամուր կառչած մնանք հայրենաւանդ մեր ազգային եւ քրիստոնէական տօներուն, որոնք մեր ամուր խարիսխներն են ժամանակներու փոթորիկներուն դիմաց:

 

 

 


Խօսք Հրաժեշտի` Սարգիս Գաբոյեանի Մահուան Քառասունքին Առթիւ

$
0
0

Sarkis-Kapoyan_021316Մէկ ամիս առաջ խոր կսկիծով հայրենի հողին յանձնեցինք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, հարազատին մարմինը` ի կատար ածելով  վստահաբար իւրաքանչիւր սփիւռքահայու` հայրենիքի մէջ վերջնական հանգիստ գտնելու  յաճախակիօրէն արտայայտած իղձը:

Մահուան խորհուրդը ինքնին, իր վշտայարոյց իրականութեամբ, ցնցող պատահար է: Սակայն անձնական վիշտին զուգորդումը  համայնականին` կրկնակի դժբախտութեան առիթ կը հանդիսանայ: Սուրիահայ գաղութին բաժին ինկած պատերազմական վիճակին առթած ողբերգութիւնը իր տխուր  ստուերը կը նետէ անձնական ամէն կենսավիճակի վրայ: Սարգիսին եւ ճակատագրակիցներուն տարաբախտ մահը, հեռու հարազատ օճախէն` ծննդավայրէն, անսփոփ յուզականութեան շեշտադրումով կը բնորոշէ հալէպահայ կեանքի իւրաքանչիւր շիջում, հալէպեան սրբայուշ հողէն դուրս:

Սարգիսը Ցեղասպանութենէն վերապրած յարութեան խորհուրդը մարմնաւորող տիգրանակերտցի ամոլի մը երկրորդ սերունդի զաւակն էր: Իր հասակակիցներուն հետ, կեանքի դաժան յորձանուտին դէմ յանդիման, Սարգիսը իրողապէս եղաւ հայու անկոտրում կամքի գոյութենապաշտ դրսեւորման, բազում խորհրդանիշներէն մին: Տարագիր ծնողքի խեղճուկ իրականութեան վրայ խարսխուած վերապրումի աննահանջ ձգտումով, աւելի բարւոք եւ գեղեցիկ այսօր մը կերտելու, խիզախ ճանապարհի ճարտարապետներուն փաղանգէն էր ան: Իր սերնդակիցներուն հետ ձեռք-ձեռքի`  հասու եղաւ հայու սիզոփոսեան կենսափիլիսոփայութեան գաղտնիքին, որուն դժուարին լեռնամագլցումին մէջ ներդրեց անկոտրում աշխատունակութիւն եւ պարկեշտ  գործելաձեւ: Արդիւնքը` այդ սերունդին  հրաշափառ յարութիւնն էր, ոգեղէն յաղթանակը`  ընդդէմ մահուան, թշուառութեան եւ ծրագրուած անէացումին… Այդ երկունքին արգասիքը հալէպահայ հրաշք գաղութն էր, «Երազային Հալէպը», անպայմանօրէն իրենցը, որ ստացաւ  հոգի ու մարմին` յանձինս իր հարուստ ու կազմակերպուած շարքերուն, կրթօճախներուն, բազում  եկեղեցիներուն, մշակութային ակումբներուն եւ այլն… Սարգիսին  եւ անոր նմաններուն բիւր հազարաւոր ձեռքերով խարսխուեցաւ հալէպահայ անզուգական մայր գաղութը եւ ստացաւ իր այնքան  բարեհամբաւ (մինչեւ մօտիկ անցեալ երկարող) ազգային, վարչական այդ հոյակերտ կառուցուածքը: Ի պատիւ  հանգուցեալի յիշատակին` ան երբեք մոռացութեան չմատնեց իր համեստ անցեալը: Ամէն պատեհ առիթի այդ հանգամանքին վերյիշումը իրեն համար հպարտառիթ մէջբերում էր: Յաջողութեան նուաճումի այդ արդար հոգեվիճակը միշտ ընկերացաւ իրեն ոչ իբրեւ սնափառութիւն, այլ` ինքնակերտումի փաստ, Ցեղասպանութեան յաջորդած սերունդներու ինքնահաստատման իբրեւ  բնական գոյապաշտական արտացոլում:

Եւ Սարգիսը դարձաւ իր պատկանած գաղութին  համար բարեգործ մշտահոս առուակ: Ազգային նիւթական յանձնառութիւնը վերածեց անձնականին զուգահեռ` սրբազան պարտքի:    Իր հնարաւորութիւններուն  համապատասխան (եւ երբեմն աւելի) եղաւ մշտակայ ներկայութիւն բարեգործ նուիրատուներու երկար  ցանկին: Եւ ուշագրաւ էր, որ  իր պատկանած ենթակառոյցի կողքին, չմերժեց բնաւ առաջարկները տարբեր հոսանքներէ եկող խնդրարկուներուն: Կարծես իր կեանքի օրինակով կ՛ուզէր նուիրականացնել համազգային  հանդուրժողութիւնը եւ վանել այլամերժութիւնը:

Սարգիսը գաղափարի  մարտիկ էր` բառին խորիմաստ  հասկացողութեամբ:  Հաւատաւոր այն զարմանահրաշ սերունդէն  մին, որ  գաղափարը վերածեց «աղբիւրը լոյսին», առաջնորդները` անմահ պառնասի:  Բնազդական ընկալումով  հագաւ, ներծծեց գաղափարը` վերածելով զայն իտէալական տեսլականի: Սարգիսին դաշնակցական անխառն նկարագիրին անյարիր էին ներքին խժդժութիւնները կամ խոհանոցային քաշկռտուքները:  Ինքը հոն էր… վերեւները, իր գաղափարական առաջնորդներու  փաղանգին  մօտիկ, լիցքաւորուելով անոնց անսպառ հոգեւոր արժէքներէն: Եւ պատահական չէր, որ ան, հակառակ առեւտրական ըլլալու հանգամանքին, գրեթէ ամբողջութեամբ  կարդացած էր դաշնակցական գրականութիւնը: Իր ամէնօրեայ տասը էջանոց  օրաթերթը կը տողանցէր ակնոցներուն առջեւէն, առաջին էջէն մինչեւ տասներորդը, իրեն յատուկ երկիւղածութեան հասնող արարողակարգով: Անոր աշխարհայեացքով, կուսակցական մկրտութիւնը կը տեսնէր նոյնինքն անոր գրականութեան ճանաչումով: Եւ իբրեւ անշեղ հաւատարմագրուած` կը մերժէր ամէն պատեհապաշտ, դարձդարձիկ գալարումներ` յանուն դիրքի կամ պաշտօնի: Իրեն վստահուած  պաշտօններու ստանձնումն իսկ կու գար իբրեւ անուղղակի մէկ դրսեւորում`, նոյնինքն այդ գաղափարին սպասարկութեան ի խնդիր:

Բնականաբար, իբրեւ իր հարազատ ընտանիքը, մեզի պիտի վերապահենք անոր անձնուէր, գուրգուրոտ եւ առատաձեռն հարազատի կերպարին անմոռաց յիշատակը: Մեր  ընտանեկան յիշատակարանին հարստութիւնն է այդ` իր բազում երանգներով: Աւելցնենք, որ մարդկային արժեչափի համեմատական խաղին մէջ, որոշիչ տոկոս մը կայ, որ մարդ էակը մարդու կը վերածէ: Այդ տոկոսը վստահաբար նուաճուած է յանձինս անոր կեանքի կտրած  ճանապարհին: Անոր լաւատես եւ  շենշող բնաւորութիւնը պիտի շարունակէ ոգեշնչել իր ընտանիքը եւ մերձաւորները, շարունակելու համար այդ աւանդը:

Խիստ փափաքելի է, որ  Սարգիսը եւ իր  բախտակից ընկերները չվերածուին հալէպահայ վերջին մոհիկաններու: Նոր սերունդները  հասնին` մեկնողներու նոյն այդ նկարագրով ու պահուածքով թարմացած, վերադարձնելու «Հալէպը» աւագներուն կերտած «ոգեղէն Հալէպը», նոր տարազով, յառնումի հայատիպ գործելաընթացի մը ընդմէջէն, որպէսզի խաղաղ ննջէ Սարգիսի  հոգին…

Սիրելի՛ս, մարմնաւոր բացակայութեանդ քառասունքին առթիւ, հողը թեթեւ գայ յոգնած  մարմնիդ: Տիրոջ լոյսը  ընդգրկէ  հոգիդ:

 ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

 

Զարուկի Յիշատակին…

$
0
0

Երբ ամբողջ ժողովուրդ մը տեղահան կ՛ըլլար, Պասիթի գաղթակայանի ծովեզերեայ շրջանին մէջ պիտի ծնէր աղջնակ մը` մուսալեռցի աւանդապաշտ ընտանիքի մը յարկին տակ: Ան պիտի կրէր իր ժողովուրդի տառապանքը իր մանուկ սրտին մէջ եւ պիտի դառնար ուսուցանող առաքեալ մը, լուսատու մը արմատախիլ եղած ազգի մը զաւակներուն:

Լիցքաւորուած դրական տրամադրութեամբ, նոյնիսկ ֆիզիքական վատառողջ վիճակին, ան կատակասէր, աշխատասէր, ժպտադէմ, երիտասարդ հոգիով թրծուած, պարտականութեան գիտակից, քաջալերող, ուսուցիչ, միութենական, գործակից եւ տիպար հայուհի, ԼՕԽ-կան ու համազգայնական եղաւ:

Զարուկ Քէնտիրճեան-Գուճանեան Հայ Աւետարանական երկրորդական վարժարանի առաջին աշակերտներէն, առաջին շրջանաւարտներէն եւ հաստատուն սիւներէն եղաւ, ան 44 երկար տարիներ ծառայեց շարունակաբար թէ՛ վարժարանին, եւ թէ եկեղեցւոյ: Քրտնաթոր, տանջուած մշակը ցաւը դարձուց երգ` անվհատ եւ անսասան. շատ տուաւ ծառայող Մաշտոցի աշակերտը, սակայն քիչ ստացաւ անշահախնդիր եւ անշահամոլ նուիրումով:

Ուսուցչական ասպարէզին մէջ իր յատկութիւնը դարձած էր դասագիրքի պարունակէն դուրս ելլել, երբ գոյութիւն չունէին ներկայ արհեստական միջոցները, ան ստեղծագործ միտք էր, ուսուցիչ էր, որ նոր անգլերէն բառերով, երգերով եւ պատմուածքներով կը հարստացնէր մատղաշ միտքեր եւ լայն հորիզոններ կը բանար աշակերտներուն դիմաց:

Այսօր բոլոր ժամանակներէ աւելի պէտք ունինք գիտակից, հաւատարիմ, զոհուող եւ զոհաբերել գիտցող անձնուէր առաջնորդներու, մշակներու: Այդ արդար եւ խղճամիտ առաջնորդները մեծ համա- լսարաններու մէջ չէին պատրաստուած, այլ անոնք ծնունդ էին այս գիւղին, այդ անսասան հայ ընտանիքին, Մուսա Լերան դաստիարակչական պարտականութեան գիտակից ծնողներուն, որոնք պատրաստեցին այդ նուիրեալ եւ անշահախնդիր մշակները:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը 2016-ը հռչակեց ծառայութեան տարի: Տիկին Զարուկ արդէն ի սկզբանէ թրծուած էր այս հոգեբանութեամբ, եւ ի վերուստ այս շնորհքը իրեն տրուած էր:

Տիկի՛ն Զարուկ, այսօր քու աշակերտներդ, պաշտօնակիցներդ, Հայ Աւետարանական վարժարանի մեծ ընտանիքը կու գան որդիաբար վերջին հրաժեշտի խօսքը ըսելու, վարձքդ կատա՛ր, բոլորս գլխահակ կը խոնարհինք քու անմեռ յիշատակիդ առջեւ: Եւ կ՛ուզեմ փակել Արամ Ա. կաթողիկոսին խօսքերով. «Հնազանդութիւն, ծառայութիւն, միասնականութիւն: Ա՜յս է մեր կեանքին ու ծառայութեան ճանապարհը: Եկէ՛ք, վերանորոգ հաւատքով ու հաւատարմութեամբ շարունակենք քալել այս նուիրական ճանապարհէն: Ճշմարիտ ծառայութեան օրինակ դառնալով, Քրիստոս մարդոց թելադրեց ծառայութիւնը նկատելու իրենց կեանքին ուղեգիծը, Աստուծոյ մօտենալու վաւերական ճամբան»:

ՄԱՐԻՆԱ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Մահուան Քառասունքին Առիթով…Բոլորիս Զարուկը…

$
0
0

IMG-20160212-WA0000[1]Փնտռուած ներկայութիւն էիր, անմոռաց ընկերուհի:

Յարգալիր վերաբերմունքդ մեծին ու փոքրին հանդէպ` իւրայատուկ նկարագրի գիծ մըն էր մէջդ, որ կը պարտադրէր կամայ թէ ակամայ յարգանք: Վաստակաւոր ուսուցչուհի կոչումդ կը վկայեն Այնճարի Աւետարանական վարժարանի նախկին աշակերտները. հարազատ մօր նման կը գուրգուրայիր, հայեցի դիմագիծ կերտելու համար չէիր խնայեր աշխատանք ու ճիգ ու համբերութեամբ կը սպասէիր սերունդին ապագայի իրագործումները:

Ճշդապահութիւնը կը պաշտէիր ու չէիր վարաներ քննադատելու մակերեսային մօտեցումները` ամենալուրջ հարցերուն մէջ: Միութենական կեանքը կ՛ըմբոշխնէիր դրական մօտեցումներովդ: Հինը պահելով ու նորարարութեանց հետամուտ ըլլալով` քայլ կը պահէիր շրջապատիդ հետ: Հակառակ տարիքի տարբերութեան` բոլորին ընկերուհի Զարուկն էիր` զուարթաբանութեամբ, հիւմորով, կատակներով ու շինիչ առաջարկներով: Երկար տարիներու ԼՕԽ-ի Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղին դաստիարակչական յանձնախումբի գործօն անդամներէն էիր. յաճախ կը ծաղկեցնէիր ընկերական մթնոլորտը` ասմունք մը մատուցելով, կամ հանելուկ մը հնարելով: «Վանայ ձայն»-ի հանելուկ – խաղ յայտագիրներուն առաջին զանգողն էիր, ու գեղեցիկ մաղթանք մը եւս կը կցէիր խօսքիդ:

Այնճարի թէ Պէյրութի մշակութային ձեռնարկները քաջալերող` առաջին կարգի վրայ էիր միշտ, ըլլան անոնք մանկական  թատերական, խմբերգային թէ պարային ելոյթներ: Ճիշդ ժամանակին ներկայութիւն էիր ազգային ոգեկոչման ձեռնարկներուն եւ չլռող` պատահած վրիպումներուն: Անցնող տարուան (100-ամեակի) ոգեկոչումներուն եւ քայլարշաւներուն կամաւոր մասնակիցը եղար` հակառակ առողջական ոչ թոյլատու վիճակիդ:

Կողակիցիդ` Անդրանիկին հետ, ձեր լումայով եղաք ազգային գիտակցութեան առաջնահերթ կեցուածք որդեգրողներուն շարքին` հաւատալով, որ ամենաչնչին մասնակցութեամբ սատարած կ՛ըլլաք ազգին վերելքին սփիւռքի թէ հայրենիքին մէջ:

Ապրելու զօրաւոր կամք մը ունէիր, հիւանդութիւնդ չէիր ընդուներ. «Բան մը չունիմ, պիտի ապրիմ» կ՛ըսէիր միշտ: Սակայն դուն չկաս այս տարի. 2016-ի առաջին օրերուն հրաժեշտդ տուիր այնքան սիրած կեանքիդ, ու չուեցիր անվերադարձ` լքելով ամուսինդ, հարազատներդ, ու ընկերուհիներդ` շատ սիրած:

Հոտաւէտ բուռ մը խունկ` քաղցր յիշատակիդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ Զարուկ:

Քեզ յարգող ընկերուհիդ`
ՄԱՏԼԵՆ ԽՕՇԵԱՆ

Բարի Լոյս 19. Մի՛շտ «Մեղաւոր Է Դաշնակցութիւն»

$
0
0

Hagop-Havatian_9-07-15ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Հայաստանի ներքաղաքական կեանքը կ՛ապրի մեծ աշխուժութիւն: Սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէի կայացումը դէպի խորհրդարանական վարչակարգ անցումի նոր ու ճակատագրական հանգրուանի մը դիմաց կը դնէ բովանդակ հայութիւնը: Հայրենաշինութեան ու պետականաշինութեան խիստ կենսական պարտաւորութեան դիմաց կը գտնուին այսօր իշխանամէտ կամ ընդդիմադիր իւրաքանչիւր քաղաքական պատասխանատու, գործիչ եւ կուսակցութիւն:

Խիստ բաղձալի պիտի ըլլար, որ սահմանադրական բարեփոխումները նախապատրաստող մթնոլորտը, հանրաքուէի կայացումը եւ անկէ ետք արդիւնքներու ընկալումը դիտարկուէին հայրենիքի ու հայութեան շահերու ընդհանուր պրիսմակէն ու տեղադրուէին ոչ թէ հատուածական` իշխանութիւն – ընդդիմութիւն նեղ պարունակին մէջ: Դժբախտաբար այսպէս տեղի չունեցաւ, որովհետեւ տարիներէ ի վեր երկիրը ներքաղաքական տիղմին մէջ մխրճուած պահելու փորձութիւնը ինքզինք անգամ մը եւս պարտադրելու փորձ կատարեց ամէնուրեք:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հայրենիք վերադարձէն ի վեր միշտ ալ շեշտած է խորհրդարանական վարչակարգով երկրի յառաջընթացը, զարգացումը եւ կայացումը երաշխաւորելու անհրաժեշտութիւնը եւ իր այս պահանջին մէջ մնացած է հետեւողական ու անզիջող: Անցնող 7 տարիներու ընթացքին, իր ընդդիմադիրի հանգամանքով ՀՅԴ-ն փորձած է յիշեցնել բոլորին, որ երկրի քաղաքական կեանքին մէջ առկայ հիւանդութիւնը բժշկելու միակ դեղատոմսը իշխանութեան համակարգային փոփոխութիւնն է եւ այդ փոփոխութիւնը ձեռք բերելու նախապայմանը` նոր սահմանադրութեան մը որդեգրումը, որ առիթ պիտի ընձեռէ պետութեան ղեկավարումը դարձնելու հաւաքական եւ քաղաքական նոր ու ազնիւ մշակոյթի մը ձեւաւորման ազդանշանը փոխանցէ:

Այսօր, հանրաքուէին կայացումով այդ առիթը ստեղծուած է եւ կը մնայ զայն լիիրաւ կերպով օգտագործել: Փաստօրէն, կը մնայ այս առիթը չփախցնել, այլապէս 25-ամեայ մեր պետականութեան հիմերը պիտի խարխլին, որմէ օգտուողը բնականաբար նախ եւ առաջ պիտի ըլլայ մեր թշնամին: Եթէ այս օրերուն Հայաստանի սահմաններու պաշտպանութիւնը եւ այդ պաշտպանութեան ի խնդիր հայ զինուորի թափած սուղ արիւնը միաւորեցին ազգը հայոց աննման բանակին շուրջ, թող որ այսօր սահմանադրական այս բարեփոխումներու գործընթացին ճամբով դարձեալ միաւորուի ազգը պետականութեան շուրջ, որպէսզի ամրակայուի հայրենիքի անկախութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը: Այո՛, ներքին ու արտաքին ճակատներու վրայ կայունութեան խորացումը ինքզինք կը պարտադրէ իբրեւ ազգային,  քաղաքական եւ գաղափարական ճշմարիտ ուղի:

Իրերու այս կացութեան մէջ, այսօր Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը արժեւորելով պահու գերզգայուն վիճակը, հայրենիքին սպառնացող վտանգները, արցախեան բանակցային գործընթացի անցած ուղին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրով իսկ ամրագրուած հայութեան նորօրեայ երթը եւ վերջապէս սահմանադրական բարեփոխումներուն ճամբով երկրի ղեկավարման ձեւին մէջ որակական փոփոխութիւն յառաջացնելու իր վճռակամութիւնը, ինքզինք կը դնէ ամբողջական պատասխանատուութեան դիմաց:

Ինչո՞ւ սակայն այս արտառոց աղմուկը: Ի՞նչ պատահեցաւ յանկարծ: Հակադաշնակցական ի՞նչ մոլուցքի զարթնում: Համայնավար վարչակարգի օրերուն, երբ Դաշնակցութիւնը համայնավար-պոլշեւիկեան իշխանութիւններուն կողմէ կ՛ենթարկուէր ամէնէն ծանր ամբաստանութիւններուն եւ բանսարկումներուն ու կը ներկայացուէր իբրեւ հայութեան եւ Հայաստանի թիւ մէկ թշնամին, հայ քաղաքական միտքը կը փորձէր քաղաքական պատուանդանին վրայ պահել ինքզինք եւ իր կեցուածքներուն եւ տեսակէտներուն դրսեւորման մէջ կը ցուցաբերէր ամբողջական պատասխանատուութեան գիտակցութիւն` հայրենիքի շահերը գերադասելով ամէն  բանէ վեր եւ պարտութեան մատնելով հայութիւնը պառակտելու, ապազգայնացնելու եւ անոր հաւաքական երազները չէզոքացնելու ամէն դաւադրութիւն: Հայրենի մամուլի եւ այլեւս «մասնագիտութեամբ» ընդդիմադիր գործիչներու վերջին շրջանի յայտարարութիւններն ու ցեխարձակումները կը թուի, թէ իրենց ներշնչումը կը ստանան այդ օրերու պատմական հանգրուանի թունաւոր մթնոլորտէն, որ արդէն շատոնց ստացած է իր զերօ վարկանիշը հայութեան բոլոր հատուածներուն կողմէ:

Արդարօրէն հարց կու տանք, թէ ի՞նչ նպատակներ կը հետապնդէ հայրենի կարգ մը լրագրողներու, խմբագիրներու եւ քաղաքական գործիչներու անոպայ պայքարն ու թափած մաղձը Դաշնակցութեան դէմ: Կը թուի, թէ անոնք մոռցած են հինէն եկող, բայց ինքզինք միշտ վերանորոգող պատմական այն խոր ճշմարտութիւնը, որ նմանօրինակ հակադաշնակցական պայքարներ Դաշնակցութեան գաղափարական շէնքը աւելի ամուր ու անառիկ պահելու դաշնակցական անհատի զգօնութիւնն ու գիտակցութիւնը բարձրացնելու կը ծառայեն  միայն:

Թող որ յստակ ըլլայ բոլորին համար, որ Դաշնակցութիւնը միայն կռուի ու պատերազմի կուսակցութիւն չէ: 125 տարիներու ընթացքին ան նուաճած է քաղաքական, գաղափարական հարուստ կենսափորձ, ազգային ռազմավարական խնդիրները մնայուն կերպով դարձուցած է ուշադրութեան առանցք եւ իր ծրագրային առաջադրանքներուն մէջ միշտ  ալ հաւատարիմ մնացած է ազատ, անկախ ու ժողովրդավար Հայաստանի կերտումին` իբրեւ հիմնական կռուան ամբողջական Հայաստանի: Հետեւաբար կարելի է եւ բնական տարակարծիք ըլլալ Դաշնակցութեան հետ, կարելի է չբաժնել անոր քաղաքական տեսլականները, հայեացքները եւ հայրենի ներքաղաքական կեանքի դիրքորոշումները, սակայն զգո՛ւշ` առանց բանսարկումներու, պատմական լկտի խեղաթիւրումներու, որոնց էջը ազգովին շատոնց դարձուցած ենք:

Այո՛, Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ հասունցած է պահը Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ կատարելու որակական ոստում եւ խորհրդարանական վարչաձեւով ընդդիմութեան ձայնն ու դերակատարութիւնը դարձնելու զգօն, արդիւնաւէտ եւ ճնշող: Հասած է պահը համազգային, համընդհանուր զօրաշարժի, որպէսզի հայ մարդը, ո՛ւր ալ գտնուի, օժտուի ամէն օր իր հայրենիքին սատարելու անհրաժեշտ ու արդիւնաւէտ ստորոգելիներով: Մինչ այդ թող որ այս գործընթացէն իրենք զիրենք հեռու պահողները շարունակեն երգել «ՄԵՂԱՒՈՐ Է ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ» հնամաշ յանկերգը, բայց մենք միակամ յաղթահարենք բոլոր դժուարութիւնները, միասնաբար նուաճենք բոլոր հանգրուանները եւ ազգովին արժանի դառնանք մեծ յաղթանակներու: Ազգային, գաղափարական ու քաղաքական այս հանգանակին վրայ խարսխուած կը մնան Դաշնակցութեան այսօրուան եւ վաղուան կայացնելիք բոլոր որոշումները:

 

 

 

Սօսէ Մայրիկ. Յեղափոխական Հայուհիի Դաշնակցական Տիպարը

$
0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Sose-Mayrigc9 փետրուարին կ՛ոգեկոչենք մահուան տարելիցը հայոց ազգային-ազատագրական շարժման եւ, ընդհանրապէս, հայոց պատմութեան եզակի դէմքերէն Սօսէ Մայրիկի:

Ազգային մեր ինքնութեան եւ հպարտութեան ներշնչման աղբիւրներէն է Սօսէ Մայրիկ` իր մարմնաւորած յեղափոխական հայուհիի տիպարով եւ սերունդներուն կտակած պատգամով:

Սօսէ Մայրիկին նուիրուած են շատ սրտաբուխ երգեր ու բանաստեղծութիւններ, որոնց շարքին Անուշ Գրիգորեանի քերթուածէն առնուած հետեւեալ տողերով կ՛ոգեկոչենք անոր հերոսական կերպարը.

«Հաւատքն իր հոգում` զարկեց, զարկուաւ հերոս հայուհին,
«Մեր հայրենիքի սուրբ ազատութեան արիւնոտ ճամբին,
«Կռռւելով անցաւ չքնաղ ու սիրուն Սօսէ ֆետային…»:

63 տարի առաջ` 9 փետրուար 1953-ին, Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ, խոր ծերութեան հասած` իր աչքերը առյաւէտ փակեց հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի դիւցազնուհին` Աղբիւր Սօսէն:

Սօսէ Մայրիկ հայ ֆետայական շարժման առիւծին` Սերոբ Աղբիւրի (Վարդանեան) կինն էր: Ծնած էր 1868-ին (կամ 1869-ին) Սասուն, Նեմրութ լերան փէշերուն գտնուող Թեղուտ գիւղը, բազմանդամ ընտանիքի տէր Մարգար Դրօ-Աստանտուրի յարկին տակ:

Հազիւ պարմանուհի, 13 տարեկանին, Սասնոյ հայերու աւանդութեան համաձայն, ծնողքը ուզեց ամուսնացնել Սօսէն: Բարձրահասակ եւ գեղադէմ` Սօսէ ըմբոստացման իր առաջին եւ բախտորոշ քայլը կատարեց, երբ ծնողքին առաջարկած թեկնածուները մերժելով` ուզեց իր կեանքը կապել Խչէենց Սերոբի հետ, որուն անձնուիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը ներշնչման աղբիւր եղած էր յեղափոխական հայուհիին համար:

Ինչպէս որ Սօսէ հետագային պիտի պատմէր իր «Ինքնակենսագրութեան» մէջ`

«Սերոբի անունը բոլորի շրթունքներուն վրայ էր, բոլորին սիրելի: Անիկա շատ յաճախ կու գար մեր տունը եւ կ’ըլլար եղբայրներուս հետ:

«Սերոբը գեղեցիկ տղամարդ մըն էր, բարձրահասակ, հուժկու եւ արագաշարժ: Վարմունքի մէջ շատ լուրջ եւ խօսքի մէջ խելացի:

«Ես շատ երես առած աղջիկ մըն էի մեր տան մէջ եւ հետեւաբար միշտ կը գտնուէի տղամարդոց մէջ եւ համարձակութեամբ կը խօսէի բոլորին հետ:

«Մեր գիւղէն քանի մը ընտանիքներ կ’ուզէին կանուխէն նշան մը կապել մեր տան հետ, որպէսզի զիս հարս տանին: Ես միշտ համարձակութեամբ կը մերժէի, եւ հօրեղբայրներս ալ իմ կամքը կը կատարէին:

«Անգամ մը հօրեղբայրներս, նորէն կատակով, ուզեցին գիտնալ, թէ ես որո՞ւ հետ նշանուիլ կ’ուզեմ: Այդ օրը Սերոբ ալ եղբայրներուս հետ մեր տունն էր: Ես հօրեղբօրս ըսի.

«Եթէ նշանուիմ, Սերոբին հետ կ’ուզեմ նշանուիլ: Բոլորն ալ խնդացին: Սերոբն ալ խնդաց: Բայց քիչ յետոյ լրջացաւ, լռեց եւ հաց ուտելէ յետոյ մեկնեցաւ:

«Քանի մը ամիս հազիւ անցած էր այդ խօսքի վրայ, երբ Սերոբի տունէն Մըխէն եկաւ իմ նշանը դնելու: Կատակը լուրջի փոխուեցաւ:

«1881-ին (եթէ չեմ սխալիր) ես եւ Սերոբ ամուսնացանք: Ես տասնեւերեք տարեկան էի: Երկու տարի յետոյ ունեցայ առաջին զաւակս` Յակոբը»:

Քրտական եւ թրքական անիրաւութեանց ու շահատակութեանց դէմ հայկական ըմբոստացման առաջին բռնկումներու, ինչպէս նաեւ` ապրուստի ապահովման դժուարին պայմաններու յաղթահարման համար պանդխտութեան ժամանակաշրջան էր:

Սոխորդ գիւղի բնակիչ Վարդանեաններու տունը եւս ճաշակեց պանդխտութեան դառնութիւնը, երբ 1890-ականներու սկիզբը, կնոջն ու անդրանիկ զաւկին` Յակոբին առանձին թողած, Սերոբ գնաց պանդխտութեան:

Սերոբի բացակայութեան Սօսէ իր ուսերուն վրայ վերցուց ընտանեկան օճախի պաշտպանութեան հոգը, ի հարկին նաեւ զէնքով ծառանալով քրտական առօրեայ գողութեանց փորձերուն դէմ: Այդ ամէնը Սօսէի մէջ կռանեց դիմադրականութեան ոգին եւ ան լիովին պատրաստ էր արդէն ֆետայական կեանքին, երբ 1895-ին Սերոբ վերադարձաւ պանդխտութենէն` արդէն դաշնակցական յեղափոխականի «Տղա՛ք, առանց հացի մնացէք, առանց զէնքի մի՛ մնաք» յորդորով պայքարի դրօշը պարզելու համար իր շրջապատին:

Սերոբ իր անձին օրինակով ուղի բացաւ: Կնոջ ու արդէն երկու որդիներուն հետ, իր շուրջ հաւաքած մարտունակ ոգիով երիտասարդներու խումբ մը, Սերոբ իր ունեցած-չունեցածը ծախեց, զէնք ու զինամթերք ապահովեց եւ բոլորով բարձրացան լեռները:

Հազիւ երեք տարի տեւեց Աղբիւր Սերոբի ֆետայական գործունէութեան շրջանը, որուն ամբողջ տեւողութեան Սօսէ ոչ միայն կեանքի մնայուն բաժնեկիցը, այլեւ զէնքի անբաժան ընկերը եղաւ Տարօնի Առիւծին:

Գիւղէ գիւղ եւ քրտական հրոսակներու թէ թրքական զօրքերու դէմ կռիւէ կռիւ, Սերոբ Աղբիւր յեղափոխութեան բոցով պայքարի հանեց ողջ Տարօնի աշխարհը` արժանանալով ժողովրդական ու գուսանական բազում երգերու, որոնց մէջ ըստ արժանւոյն ֆետայի հայուհիի իր տեղը ունեցաւ Սօսէ:

Հայ ազգային-ազատագրական շարժման հանգուցային ծալքերէն մէկը եղաւ, միաժամանակ, Սօսէի մասնակցութիւնը ֆետայական այս բուռն գործունէութեան: Ֆետայական շարժման բարոյական օրէնքներով ֆետային պէտք չէր ամուսնանար, իսկ եթէ արդէն ամուսնացած էր, ընտանիքին հրաժեշտ պէտք էր տար ու անմնացորդ նուիրուէր ազգի ազատագրութեան պայքարին: Իբրեւ իր ատենի ֆետայական շարժման անվիճելի առաջնորդ` Աղբիւր Սերոբ իր իսկ զինուորներուն կողմէ քննադատուեցաւ Սօսէն ու զաւակները իր կողքին պահելու քայլին համար: Բայց զուր անցան ֆետայական կեանքէն բաժնուելու եւ զաւակներու հոգատարութեան նուիրուելու իմաստով Սօսէին ուղղուած նոյնիսկ սրտցաւ յորդորները, որովհետեւ Սօսէ որքան կին էր ու մայր, նոյնքան ֆետայի էր ու իբրեւ այդպիսին մնաց մինչեւ 1899-ի այն սեւ ու մուր օրը, երբ Սերոբ դաւաճանութեան զոհ գնաց:

Սերոբ եւ Սօսէ թաքստոց ընտրած էին Գեալիգիւզան գիւղը: Սերոբի գլխուն համար թրքական իշխանութեանց խոստացած պարգեւներէն այլասերած` հայանուն մատնիչ-դաւաճան մը ոչ միայն իշխանութեանց տեղեկացուց Աղբիւրի թաքստացոցը, այլեւ իբրեւ բարեկամ Սերոբի հիւրընկալութեան արժանանալով` անոր հրամցուց թունաւոր ծխախոտ, որ անշարժութեան մատնեց Տարօնի Առիւծը:

tumblr_nr9rclw1Zx1t482mro1_1280

Թուրք զինուորները իրենց յարձակումը գործեցին, Սերոբ անուժ էր դիմադրելու համար, բայց Սօսէ, անդրանիկ զաւակը` Յակոբ եւ երկու եղբայրները` Զաքար ու Մխօ հերոսաբար կռուեցան անարգ թշնամիին դէմ: Սերոբ, Յակոբ զաւակը եւ Սերոբի երկու եղբայրները նահատակուեցան. ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ Սօսէ: Թուրք զինուորները կտրեցին արդէն սպաննուած Սերոբի գլուխը, բայց թուրք հրամանատարը թոյլ չտուաւ, որ ձեռք տան Սօսէին: Վիրաւոր Սօսէն նախ ապաքինումի տարուեցաւ եւ ապա բանտ նետուեցաւ:

Փոքր զաւակը տարին քիւրտերը եւ այլեւս չգտնուեցաւ անոր հետքը:

Մնացեալը տխուր, դառն ու դաժան պատմութիւնն է հայ դիւցազնուհիին, որ աւելի քան յիսուն տարի քայլ առ քայլ հետեւեցաւ իր ժողովուրդի կեանքին: Եղաւ Վան եւ ռուսական զօրքերու նահանջէն ետք Վասպուրականի եւ Սասունի գաղթական ժողովուրդին հետ անցաւ Երեւան, ուր մնաց մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումը եւ հակադաշնակցական ալիքի սաստկացումին հետ անցաւ Պոլիս, հոնկէ ալ` Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս, ուր մինչեւ մահ մնաց ու ապրեցաւ Հայկ Խանամիրեանի ընտանիքին հետ:

Տարագիր կեանքը լեցուց Երկրի կարօտով ու անխոնջ վկայութեամբ հերոսական այն պայքարին մասին, որ իրեն վիճակուեցաւ Սասնոյ լեռներուն վրայ, Տարօնի Առիւծին կողքին:

Իր մահէն 45 տարի ետք, 1998-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան 80-ամեակին առիթով, Սօսէ Մայրիկի աճիւնները տեղափոխուեցան հայրենիք ու իրենց վերջնական հանգիստը գտան Եռաբլուրի մէջ:

Սօսէի տիպարը եւ աւանդը կը շարունակեն ներշնչման աղբիւր մնալ հայոց սերունդներուն համար, որոնք Սերոբ Աղբիւրին նուիրուած ազգային-յեղափոխական ծանօթ երգով` անպայման իրենց գլուխը կը խոնարհեն Յեղափոխական Հայուհիի դաշնակցական դէմքն ու շունչը մարմնաւորած Սօսէ Մայրիկի յիշատակին.

Գնդակ որոտաց նոյեմբեր ամսուն,
Պաշարուած ենք մենք, սիրուն իմ Սօսէ.
Վեր առ մոսինը, քաջութիւնն հոս է,
Քո սիրած Սերոբին օրհնեալ օրն այս է:
Ձայն տուաւ Սօսէն` Սերո՛բ ջան հոս եմ,
Զինուած պատրաստուած` ձայնիդ կը սպասեմ.
Քեզ հետ կռուելու, քու կողքին մեռնելու
Ամէն օր, ամէն ժամ պատրաստ է Սօսէն:

 

 

Հոյլերուն Բոյրը` Զարեհ Խրախունին

$
0
0

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

wpaeb8c578_0a_06-(1)Հազուադէպ է հոյլի մը յստակ տեսողութիւնը ջինջ եւ պայծառ երկնքի մը անծայրածիր տիեզերքին մէջ, սակայն այդ աստղերուն բոյրը ըմբոշխնելը երեւակայութենէ հեռու մտածում մըն է:

Ես լիաթոք շնչած եմ պոլսահայ մեր գրականութեան աստղերուն բոյրը` յանձինս Զարեհ Խրախունիի` Արթօ Ճիւմպիւշեանի:

Հայկական Պոլիսը, որ մեր դարաւոր թշնամիին պատմական մայրաքաղաքը դարձած էր, ճանչցած էի առանց տեսնելու, հոն ծնած ու ապրած ստեղծագործ գրիչներու սեւ մելանին ընդմէջէն:

Կեանքիս բախտաւոր ժամերէն էին այսօր մեզմէ առյաւէտ բաժնուած Զարեհ Խրախունիի հետ հանդիպումներս Թաքսիմի իր տան մէջ:

Ուղիղ տասը տարի առաջ 2005 թուականի դեկտեմբեր ամիսին էր, առաջին անգամ Պեթիին եւ Շառոյեան ամոլին հետ մեկնեցանք Պոլիս. Լեւոնը հրաւիրուած էր Կոլոտ Պատրիարք Բաղեշեցիի մասին տեղի ունենալիք գիտաժողովին: Ինծի համար ալ առիթ էր տեսնել մեծ հօրս եւ հօրեղբօրս ծննդավայրը: Հրատարակութիւններուս տարածման նպատակով` ծանօթանալ նաեւ տեղւոյն տասնեօթ հայկական կրթօճախներուն, որոնց այցելութիւնը թոյլատրելի չըլլալը տեղեկացայ հասնելէս ետք:

Պոլսահայ տեսարժան վայրերուն` պատրիարքարան, եկեղեցիներ, Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոց, «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրատուն, Սկիւտարի եւ Շիշլիի գերեզմանատուներ, «Արաս» հրատարակչատուն, Թիւքուազ գրատուն, սիրոյ սեղաններ, Կեդրոնական վարժարան` այս բոլորին մէջ լուսանցքի վրայ կը մնայ տէր եւ տիկին Արթօ Ճիւմպիւշեաններուն տան ընթրիքի երեկոն, ներկայութեամբ` «Մարմարա» օրաթերթի խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեանի, փոխխմբագիր` Մաքրուհի Պէօիկ Յակոբեանի, Սիլվա Կոմիկեանը այդ երեկոյին փայլեցուց ասմունքներու փունջով մը:

IMG_0097

Բնիկ պոլսահայ Խրախունիի տան կահաւորումը աւելի նման էր դղեակի կամ թանգարանի` հմուտ հնագէտի ճաշակով յարդարուած: Միշտ մեզ կը դիմաւորէր պաշտօնական զգեստով, դասական փողկապով:

Ուշագրաւ էին նստասենեակի դիւանին ետեւ մէկ շարքի վրայ գեղակազմ քառասուն-յիսուն հատորներ, որոնք համաշխարհային դասական գրականութեան գոհարներն էին, գերմաներէն լեզուով:

Պոլիս երկրորդ այցելութեանս` 2007 թուականի ամրան գրեթէ յաճախակի կը  հանդիպէի, վերջին հանդիպումս  անցուցինք իր աշխատասենեակի գրասեղանին վրայ, կողքին գտնուող մահճակալը ցոյց տալով` յայտնեց, թէ այստեղ իր մեծ մօր ննջասենեակը եղած է անցեալին: Երեւոյթ մը, որ հազուադէպ է թափառական հայու տիպարին ի տես:

Գրականութենէն անդին, երբ խօսեցաւ Սուրիոյ մասին, ընդարձակ տեղեկութիւններ տուաւ Փալմիրի եւ այլ հնագիտական վայրերուն շուրջ:

Զարեհ Խրախունիի անուան եւ գրականութեան ծանօթ եմ շուրջ քառասուն տարիներէ ի վեր, լիբանանահայ հրատարակիչ լուսահոգի Յովհաննէս Հաննէսեանի մակագրութեամբ «Լուսնապարտէզ» բանաստեղծական գրքոյկը իմ բարձի գիրքս եղած էր ուսանողական տարիներուս, մանկական խաղավայրի պարունակով, հտպիտի, կարուսելի, ծաղրածուի, թռչող հայելիներու, աթոռներով անիւի նկարագրութեան ընդմէջէն ան վերլուծած էր մարդկային էակի կեանքը: Գիրքը լոյս տեսած էր Պէյրութ այցելութեան առիթով, քաղաքացիական պատերազմը նախորդող տարիներուն: Ան սփիւռքահայ գրագէտներու ընտրանիի բախտաւորներէն էր, որոնց գործերը հրատարակուած էին Երեւանի մէջ, խորհրդային տարիներուն:

Զարեհ Խրախունի Անմահն Յովհաննէս Թումանեանի մանկական հեքիաթներու  արեւմտահայերէնի պատշաճեցման աշխատանքներուն սկսած է վաթսունական թուականներէն ի վեր, որոնք հրատարակուած էին Պոլսոյ, Փարիզի եւ Երուսաղէմի մէջ:

Մանկավարժական տեսակէտէ յարմարագոյն հեքիաթներով եւ բոլորովին նոր տարազաւորումով ու նկարազարդումով մանկապատանեկան «Թումանեան մատենաշար» արեւմտահայերէնով կազմելու գաղափարն ու ձեռնարկը երբ ներկայացուցի պրն. Արթոյին, սիրայօժար ընդառաջեց, ոչ միայն ցարդ հրատարակուած վեց- եօթը հեքիաթները տրամադրել, այլեւ եռանդով  լծուեցաւ շարքին թիւը տասներկուքի ամբողջացնելու տենդագին աշխատանքին:

Քսանմէկերորդ դարու արդի հաղորդակցական միջոցները մատչելի չէին մեր սիրելի Խրախունիին, փոխադարձ նամակագրութիւնը դասական դրութեամբ խորքին մէջ վայելք մըն էր, Խրախունին ունէր պաշտօնական անթեթաւոր նամակաթուղթ, սովորական թուղթի կէս չափով, այդ ընտրութիւնը ըրած ըլլալու էր համապատասխան իր մանր,  սակայն գեղեցիկ եւ ընթեռնելի ձեռագրին: Պահարաններուն վրայ նոյնքան գեղագիր եւ խնամուած հասցէները արձանագրուած լատիներէն տառերով, երջանկութեամբ կը ստանայի նամակատուփէս:

Նոյն շրջանին պարբերաբար կը ղրկէր իր հեղինակած գիրքերը` իմաստալից մակագրութիւններով, այս բոլորը եւ նամակագրութեան թղթածրարը կը մնան Հալէպի այլ արժէքաւոր հաւաքածոներուս եւ անձնական ճոխ գրադարանիս հետ:

Հեռակայ դրութեամբ մեր այս գործակցութիւնը չսահմանուեցաւ բնագրի աշխատանքներով: Մատենաշարի գծագրիչ հալէպահայ արուեստագէտ Յակոբ Տոլմաճեանի վրձինի իրագործումներու նախագիծը կը ղրկէի եւ իր արուեստաբանի գրաւոր մեկնաբանութիւնները նիւթի եւ նկարի պատշաճեցման մասին, ժամանակի իրերուն տարազներուն դէմքի արտայայտութիւններուն եւ շրջապատի շուրջ կը գրէր, որ մեր կողմէ կ՛ընկալուէր մեծ հաճոյքով:

Հրատարակչական այս աշխատանքը, շուրջ երկու տարիներու երկարութեամբ, տասներկու գիրքերու առանձին գրքոյկներու տպագրութիւնը պսակուեցաւ գեղակազմ  հատորի մը լոյս ընծայումով, որուն յառաջաբանին  վերջին պարբերութիւնը կը վկայէ մեծ մարդու մը համեստ հոգին, երբ կ՛ըսէ.

«Կը մաղթեմ, որ արեւմտահայերէնի վերածումի ընթացքին մեծանուն հեղինակին բնագրէն կատարուած պարտադիր շեղումներն ու փոքր յաւելումները բարեացականութեամբ կ՛ընկալուին գրասէրներու կողմէ, եւ վարպետին այս տասներկու հեքիաթները կ՛արժանանան խանդավառ ընդունելութեան` հայկական մեր կրթարաններէ եւ հայօրէն ապրող տուներէն ներս»:

Մինչեւ Հալէպէն դուրս գալս 2012 թուականի աշնան,  յաճախակի հեռաձայնային կապի մէջ էի, տիկին Մարլենը կ՛ըլլար ընկալուչը վերցնողը, որ մեր որպիսութեան մասին հարցնելէ ետք` Արթո՞ն կ՛ուզէք, փոխանցեմ», կ՛ըսէր: Խաղաղ օրերուն երազս էր զինք հիւրընկալել անկրկնելի Հալէպի մէջ, արդէն ուշ էր, յառաջացած տարիքի պատճառով չէր համարձակեր նման ճամբորդութիւն մը կատարել:

Վերջին շրջանին մտահոգութեամբ մօտէն կը հետեւէր մեր կացութեան: Առողջութիւնը վատթարացած էր, արդէն կը մօտենար ինիսունին, աւելի քան քսանհինգ հատորներու հեղինակ, պատշաճութիւնները յարգող Խրախունին որպէս փիլիսոփայ բանաստեղծ, անտիպ կտոր մըն ալ կտակած էր իր մահուան առիթով հրատարակելի` որպէս մնաք բարովի խօսք: Իր կարապի երգն էր այդ:

 ԵՐԹ

Փոքր ամպի մը նմանակ
Ո՜վ գիտէ երբ. ի՞նչպէս փրթած
Ազատ  անտէր ու միայնակ
Ես կը տարուիմ հովուն շունչէն
Աստղալոյսերն ամէն մարած
Երկնքին մէջ խաւարամած
Դէպի անյայտն անհանգրուան
Յուսալով որ տեսնել գոնէ
Տարտամ նշոյլ մը հեռաւոր
Որ մօտենար հետզհետէ
Եւ առնէր զիս գորովագին
Եր ծոցէն ներս ճաճանչալիր –
Մինչդեռ ահա՛ կը քաշքշուիմ
Անարձագանգ ու անտեսուած
Գիրքերուս հետ հոգեհատոր
Դէպի վիրապն անբարեյոյս,
Անոնք որպէս հաւատաւոր
Հաւատարի՛մ փոսառուներ յաւերժալոյս`
Կը կայծկլտան կը բոցկլտան իմ ետեւէս
Որ չմնամ լուսակարօտ յուսակորոյս:

8 մարտ 2014

Մահուան հետ հաշտուած է, եւ համակ համեստութիւն, իր գրական վաստակը փոսառուներու լոյսին կը նմանցնէ, մութին մէջ կայծկլտող այդ լոյսը կը նմանի անջրպետի անմահութեան մէջ փայլող հեռաւոր աստղերուն, որ կարելի է նմանցնել Զարեհ Խրախունիի նման փայլուն վաստակի մը մեր գրականութեան երկնակամարին վրայ:

Ժընեւ

Խմբագրական «Դրօշակ»-ի. Վիրտուալ Իրականութիւն

$
0
0

khmbagrakan-troshag

Հայաստանում գոյութիւն ունի երկու իրականութիւն: Մէկը այն կեանքն է, որով ապրում է երկիրը եւ միւսն այն վիրտուալ իրականութիւնն է, որն ամէն օր ստեղծում են այս նոյն երկրում գործող լրատուամիջոցները: Իսկ լրատուամիջոցները, ինչպէս յայտնի է, այսօր արդէն առհասարակ շատ աւելի ընդգրկուն ցանց են ներկայացնում ի դէմս ոչ միայն ելեկտրոնային լրատուամիջոցների, այլեւ` նոյն ելեկտրոնային լրատուամիջոցների շարքերը ոչ պաշտօնապէս համալրող զանազան ընկերային ցանցերի: Այս իրողութիւնները ստեղծում են մի վիճակ, երբ փաստօրէն գրեթէ ողջ հանրութիւնը վերածւում է լրատուութիւն արտադրողի եւ տարածողի կամ աւելի ծանօթ լեզուով ասած` իւրաքանչիւր ելեկտրոնային աշխարհի օգտատէր (ելեկտրոնային լրատուամիջոցների ներկայացուցիչներին զուգահեռ) իրականացնում է լրատուամիջոցի ու լրագրողի գործառոյթներ:

Արդէն իսկ այդ դաշտ մտնելով, ինչպէս` իւրաքանչիւր օր իր աշխատանքն իրականացնող աշխատաւոր, անհատը կամաւորապէս որոշակի պարտաւորութիւն է ստանձնում սեփական կարծիքը արտայայտելու գրեթէ իւրաքանչիւր լուրի եւ իրադարձութեան վերաբերեալ: Արդիւնքը, կամ գուցէ ճիշդ կը լինի ասել` հետեւանքը, լինում է այն, որ մեր լրատուական անծայրածիր ովկիանոսում կարող են յայտնուել ու լող տալ ամէն տեսակի` իրականութեան հետ կապ ունեցող կամ չունեցող, երեւակայութեան մէջ տեղաւորուող կամ չտեղաւորուող վարկածներ ու եզրակացութիւններ:

Ինչպէս այլ պարագաներում, այս դէպքում եւս իւրաքանչիւրը կարող է տեղեկացնել եւ մեկնաբանել իր խղճի, մարդկային եւ մասնագիտական պատասխանատուութեան գիտակցութեան չափով, այլապէս կարելի է վայելել «ազատ լողալու» անսահմանափակ հնարաւորութիւնը:

Հանրութեան գերակշռող զանգուածների ներգրաւումը զանգուածային լրատուութեան ասպարէզ ի հարկէ հսկայական առաւելութիւն է ոչ միայն իրազեկութեան բարձրացման, այլեւ քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման` նրա աշխուժութեան բարձրացման առումներով: Միաժամանակ նոյն հզօր զէնքը չէր կարող չծառայեցուել ապատեղեկատուութիւնների տարածման, զանգուածային գիտակցութեան վրայ ազդելու նպատակին:

Ի հարկէ լրատուական ասպարէզի համար սա նորութիւն չէ, եւ լրատուութեան «արհեստի արհեստաւորները» ի սկզբանէ իրենց տիրապետած գործիքի այս յատկութիւնը ի նկատի են ունեցել, սակայն մէկ բան է, երբ լրատուամիջոցը ունենում է որոշակի ուղղուածութիւն, եւ մէկ այլ բան է, երբ լրատուամիջոցը ուղղակիօրէն քաղաքական գործիքի է վերածւում սրա կամ նրա ձեռքին` առանց նկատի ունենալու, որ այն ստեղծուած է նախ եւ առաջ շատ աւելի կարեւոր առաքելութիւն իրականացնելու համար: Իր առաքելութիւնը մոռացած գործիքի եւ մանաւանդ պատուիրատուի համար այլեւս միեւնոյն է, թէ որտեղ ինչ մեխ կը խփուի, ինչ-որ բան կը կառուցուի՞, թէ՞ կը քանդուի, գլխաւորը պահի մէջ հետապնդած նպատակն է:

Բայց գանք որոշակի ասելիքին:

Լրատուական մեր «խաղաղ» ջրերը վերջին շաբաթներին ալեկոծուեցին ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Հանրապետական կուսակցութեան ապագայ համագործակցութեան մասին տեղեկութիւնների ի յայտ գալով:

Օրեր ու շաբաթներ շարունակ ալեկոծումը չի դադարում, թէեւ փոխում է ձեւերն ու երանգները:

Այս ընթացքում հանդիպեցինք ՀՅԴ-ի հետ առնչութիւն չունեցող գործիչների ու մեկնաբանների վերլուծութիւնների, որոնց հետ կարելի է համաձայնել, որոնց հետ մասամբ կամ ամբողջովին չի կարելի համաձայնել, բայց հնարաւոր չէ չընդունել, որ դրանց հեղինակները, առանց աւելորդ կրքի եւ կողմնակալութեան, փորձել են հասկանալ քաղաքական իրադարձութեան էութիւնը, գործընթացի շարունակութիւնն ու հնարաւոր արդիւնքները:

Ուրիշները միանշանակօրէն քննադատեցին երեւոյթը` յայտնաբերելով դրա տակ մութ ծալքեր ու վտանգաւոր նպատակներ:

Որոշներն էլ փորձեցի ազդել գործընթացի վրայ,  ձգտելով, այսպէս հակադրել հնարաւոր համագործակցութիւնը ներկայացնող ուժերին եւ աշխարհով մէկ եղան ինչ-ինչ «հակասութիւններ յայտնաբերելով»: Կարծես, թէ մեծ արդիւնք չտուեց այս գործը եւ զուգահեռաբար զարգացուեց յաջորդ մարտավարական գիծը` հանել Դաշնակցութեանը ինքն իր դէմ (նոյնը ի դէպ` Հանրապետականի պարագայում): Այ Դաշնակցութեան ղեկավարութիւնն այսպէս, իսկ շարքերը` բոլորովին այլ կերպ, Ամերիկայի կառոյցն այսպէս, իսկ Լիոնի կառոյցը` մէկ այլ կերպ, յետոյ Ղարաբաղի կառոյցը, յետոյ այսինչ դաշնակցականն ու այնինչ դաշնակցականը եւ այսպէս շարունակ: Կախուած ում երեւակայութիւնը որքան կը հերիքի Արթուր Կոնան Դոյլի ու նրա հանրայայտ հերոսի հետ մրցելու ասպարէզում:

Վստահ ենք` ամէն օր ջերմեռանդօրէն «ստեղծագործողներն» ու «պատուիրատուները» իրենք էլ չեն հաւատում, թէ սեփական «ստեղծագործութիւնները» եղանակի փոփոխութիւն առաջ պիտի բերեն, բայց… պատուիրում ու գրում են:

Հաւատացած ենք, որ վերջիններս բաւական տեղեակ են, թէ Դաշնակցութեան մէջ խնդիրները ինչպէս են արծարծւում, ինչ ձեւով են հետապնդւում եւ ինչպէս են լուծում գտնում: Իրենք էլ համոզուած են, որ իրենց բացայայտումները չեն կարող զգայացունց վիճակ առաջ բերել, որովհետեւ բացայայտելու համար գաղտնիք է անհրաժեշտ, իսկ գաղտնիք չի եղել ու չկայ: Թէկուզ այն առումով, որ Դաշնակցութիւնը ի սկզբանէ տեղեկացրել է սկսուած գործընթացի մասին, յետոյ հատուած-հատուած հանդիպումներ է կազմակերպել իր կառոյցի օղակների հետ, մանրամասնօրէն ներկայացրել է սկիզբ առնող գործընթացի մասին, տուել է պարզաբանումներ եւ քննարկումների ձեւաչափին համապատասխան տեսակէտներ է լսել:

Որ այս ամէնը կը դառնայ անցած-գնացած անպտուղ յիշողութիւն, ինչպէս ջրերի վրայով փչած քամին, կարելի է հաստատել` յիշելով նախորդ տարիներին ու տասնամեակներին Դաշնակցութեան մասին ասուած ու յօրինուած բազում պատմութիւնները: Կարեւորն այդ չէ, այլ մի բան, որ կարծես չի նկատուել եւ ուշադրութեան չի արժանացել փոթորիկը բարձրացնողների կողմից:

Հայաստանն այլեւս թեւակոխել է քաղաքական համակարգի արմատական փոփոխութեան փուլ: Հայաստանում արմատական փոփոխութիւնների գործընթաց է սկսւում ամբողջական համամասնական ընտրակարգի որդեգրմամբ եւ բազմաթիւ օրէնսդրական սկզբունքների վերափոխմամբ: Դաշնակցութիւնը յայտարարեց, որ մտնում է քաղաքական նոր գործընթացների մէջ` յանուն այս խնդիրների հետապնդման: Գուցէ Դաշնակցութիւնը այլ խնդիրներ էլ է հետապնդում, բայց արդեօ՞ք երկրի վարչա-քաղաքական համակարգի արմատական փոփոխութիւնները այնքան չնչին ու առօրէական երեւոյթներ են, որ կարելի է ստորադասել ներքաղաքական պայքարի էժան դրսեւորումներին: Ոչ վաղ անցեալում, երբ Դաշնակցութիւնը խօսում էր սահմանադրական բարեփոխումների մասին, նոյն ուժերը դարձեալ եզան տակ հորթ էին ման գալիս եւ բոլորովին ուրիշ ուղղութեամբ էին «գրոհի ելել»: Արդիւնքում գրոհողները վերադարձան ելման կէտ, իսկ բարեփոխումներն իրականացան Դաշնակցութեան աշխուժ մասնակցութեամբ: Ըստ ամենայնի, այս դէպքում էլ քարաւանն իր ճամբան կը գնայ անկախ նրանից, թէ նոյն ժամանակ ո՞վ ինչո՛վ է զբաղուած եղել:

 


Ծագումէս Ծագած Զրոյց

$
0
0

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

– Դուք ծագումով ի՞նչ էք (Origine):

– Հա՛յ:

– Բայց…

– Ի՛նչ բայց:

– Սեւ հագուած էք:

– Սեւ հագուիլս ի՞նչ կապ ունի ազգութեանս հետ: Դուք ալ սեւ փողկապ դրած էք:

– Բայց ե՛ս կ՛աշխատիմ, գործիս համար է:

– Շատերը սեւ կը հագուին:

Յայտնի էր, որ պատասխանս չգոհացուց ճաշարանի այս սպասեակը, որուն առաջին անգամ ըլլալով էր, որ կը հանդիպէի:

– Բայց ձեր շապիկը սե՛ւ է. դուք եկեղեցակա՞ն էք,- հարցուց:

– Այո՛:

– Ո՞րն է ձեր եկեղեցին:

– Բոլորն ալ իմ եկեղեցիներս են:

Այս սպասեակը համակրելի շեշտ մը ունէր եւ մարդամօտ կ՛երեւէր:

Երբ հաշուեցոյցս բերաւ, տակաւին չգոհացած հոգին` իր հարցերուն պատասխաններուն կարիքն ունէր:

– Դուք կ’օրհնէ՞ք,- հարցուց:

– Այո՛, անշուշտ կ՛օրհնեմ,- պատասխանեցի:

– Քանի՜ տարի է, որ ես չեմ օրհնուած, գիտէ՞ք,- ըսաւ եւ աւելցուց:- Շա՜տ մեղքեր գործած եմ:

– Ամէն մարդ մեղք կը գործէ, ես ալ մեղք կը գործեմ: Ձկնորսներն ալ ամէն օր ձուկ կը բռնեն, մեղք կը գործեն: (Ֆրանսերէնի մէջ ՓԵՇԷ բառը տարբեր ուղղագրութիւններով երկու երկու տարբեր բաներ կը նշանակէ. մէկը` ՄԵՂՔ եւ միւսը` ՁՈՒԿ ՈՐՍԱԼ): Ձկնորսները յիշեցի, որովհետեւ սրճարանը նաւահանգիստին ճիշդ դիմացն էր:

Սպասեակը խնդաց. յայտնի էր, որ հաւնած էր մեղքին եւ ձկնորսութեան գաղափարներուն զուգորդութիւնն ու բաղդատութիւնը:

– Ինծի համար մեծ պատիւ մըն է, որ իմ ճաշարանս եկեղեցական մը եկեր է,- ըսաւ:

– Ես ալ շնորհակալ եմ ձեր ազնիւ խօսքերուն համար,- պատասխանեցի:

Յետոյ գնաց եւ իրմէ աւելի երիտասարդ երկու պաշտօնակիցներուն զեկուցեց մեր ունեցած խօսակցութեան մասին:

Երբ կը մեկնէի, սպասեակը եկաւ ցտեսութիւն ըսելու:

– Ինչպէ՞ս էր ձեր գործի եղանակը,- հարցուցի:

– Միջա՛կ, մարդիկ կու գան, բայց դրամ չեն ծախսեր: Չորս հոգիով մէկ փիցցա կ’ապսպրեն եւ ջուր կը խմեն:

– Դուք ալ` կու տա՛ք…

Այո՛, հապա ի՞նչ պիտի ընենք, ժամանակները դժուար են, մարդիկ վաղուան օրով մտահոգ են…

Խորհեցայ, որ ըսածը ճիշդ էր, հակառակ անոր որ ժամանակները մի՛շտ ալ դժուար եղած են մարդոց համար:

Նիս, 5  փետրուար 2016

Մովսէսի Տասնաբանեայէն Ետք Կիկերոնի Տասնմէկաբանեան

$
0
0

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա

Անուղղայ Կեդրոնականցին եթէ չճամբորդէ հոս ու հոն, կ՛արշաւէ համացանցի եթերին մէջ: Մեզ ալ անմասն չի ձգեր տեսածէն եւ գտածէն:

Փետրուարին, եթէ արեւ ալ ըլլայ, տունէն դուրս չեն գար տարեցները` անդի աշխարհ տանող համաճարակներէն խուսափելու համար, Արմենակ եւ Էլպիս կու գան եւ կը յիշեցնեն, որ կեանքը կը շարունակուի: Ծիծաղով թէ տխուր:

Կէսօրը հազիւ անցած` եկան: Ըսին` «Ուզեցինք սուրճին հասնիլ»:

Մակարուհին լրացուց` «Սուրճն ալ առանձին չի խմուիր»:

Սուրճին բոյրը իրմէ առաջ հասաւ: Մակարուհիին նոր զբաղումն է հեռատեսիլէն կարկանդակի պատրաստութիւն սորվիլ եւ փորձել:

Սուրճին հետ փուռէն նոր ելած կարկանդակ ալ մատուցեց:

Արմենակին համար բեմը պատրաստ էր:

– Մակա՛րս, այս տարիքիս ինչե՜ր կը սորվիմ համացանցէն: Ոչ ոք թող ըսէ, թէ հոն միայն դատարկաբանութիւններ կան: Մեր թուագրութենէն դար մը առաջ ապրած Կիկերոնը կը յիշեն, որպէսզի ներկան հասկնան:

– Ի՞նչ գտեր ես նորէն,- հարցուցի, որպէսզի թափ տամ Արմենակին:

– Կիկերոնի գերարդիական իմաստութիւնը:

– Ի՞նչ է այդ:

Գրպանէն հանեց տպիչէն դուրս եկած էջ մը: Կարդաց եւ էջը ինծի տուաւ:

Կիկերոն ըսած է, ըսած ալ չըլլար, հետաքրքրական էր ըսուածը:

  1. Թշուառը կ՛աշխատի:
  2. Հարուստը կը շահագործէ առաջինը:
  3. Զինուորը կը պաշտպանէ երկրորդը:
  4. Հարկատուն կը վճարէ երեքին համար:
  5. Թափառաշրջիկը կը կռթնի չորսին:
  6. Գինեմոլը կը խմէ հինգին փոխարէն:
  7. Դրամատան տէրը (սեղանաւորը) կը գողնայ վեցը:
  8. Փաստաբանը կը խաբէ եօթը:
  9. Բժիշկը կը սպաննէ ութը:
  10. Մեռելաթաղը կը թաղէ ինը:
  11. Եւ քաղաքական գործիչը կ՛ապրի տասնով:

– Գիտես, Մակա՛ր, հիմա ժողովրդավարութիւն կայ, մարդիկ կը քնանան եւ կ՛արթննան ընտրութեան մասին լսելով եւ մտածելով, աթոռի եւ աթոռակի: Եթէ այս էջը ընկերացնէին իրենց ամպագորգոռ յայտարարութիւններուն եւ կոչի թղթիկներուն, աւելի արդար ընտրութիւն մը չէ՞ր պատրաստուեր:

– Ոչ միայն արդար, այլ գիտակից ընտրողներ կ՛ունենայինք, սիրելի՛ Արմենակս:

– Եթէ հարցախոյզ մը կազմակերպուէր գիտնալու համար ցանկին ամէնէն երջանիկները:

– Պարզ է: Հոգերէ ազատած վեցերորդը, գործազրկութեան սարսափ չունեցող տասներորդը, իր եւ իր յաջորդներուն համար ապագայի հոգ չունեցող տասնմէկերորդը:

Երբ գացին, նամակ գրեցի, անձանձրոյթ նոր սերունդով զբաղողներուն եւ մեծերը լուսաբանող լրատուամիջոցներուն, որ Կիկերոնի տասնմէկբանեան ամէն առիթով մեծատառ գրեն եւ յիշեն… որպէսզի մենք մեզ եւ ուրիշը ճանչնանք…

Իսկ ո՞վ է այդ Կիկերոնը: Քանի՞ քուէ ունի: Քանի՞ միլիոն կը կշռէ… Մի՛ հարցնէք:

3 փետրուար 2016,  Մառնի ափին տեղ մը

 

Թալէաթի Անձնական Զեկոյցը Հայկական Կոտորածներու Մասին

$
0
0

harut-sassunian1ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
www.TheCaliforniaCourier.com

Նախորդ շաբթուան յօդուածովս տեղեկացուցած էի, որ Թալէաթ փաշան` Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչը, 1921 թուականին բրիտանացի հետախոյզ Օպրի Հըրպըրթի տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած էր, որ «յուշագիր գրած էր հայկական կոտորածներու մասին»:

Ներկայ յօդուածովս կը փափաքիմ ներկայացնել համառօտ հատուածներ Թալէաթի ծաւալուն զեկոյցէն, որ նոյեմբերի 1921-ին հրապարակուած է «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի կողմէ հրատարակուող «Քարընթ Հիսթըրի» ամսագիրին մէջ` «Թալէաթ փաշայի յետմահու յուշերը» վերնագիրով եւ հետեւեալ ենթավերնագիրով. «Նախկին Մեծ Վեզիրի անձնական զեկոյցը` գրուած անոր սպանութենէն կարճ ժամանակ առաջ, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս Թուրքիա մտաւ պատերազմի մէջ: Գաղտնի դաշինք, որ նախորդեց հակամարտութեան: Հայկական կոտորածներու պատճառները` ներկայացուած անոնց պատուիրատուին կողմէ»:

«Քարընթ Հիսթըրի»-ի խմբագիրները ներածական ծանօթութեան մէջ կը բացատրեն, թէ ինչպէ՛ս ձեռք բերեր են այս բացայայտող զեկոյցին օրինակը. «… Թալէաթի մահէն ետք այս ձեռագիրը անցաւ Գերմանիա մնացած անոր կնոջ ձեռքը: Կինը տակաւին չէր հրապարակած ամբողջական զեկոյցը, սակայն իր ամուսինը գնդակահարողին ազատ արձակուելէն ետք ան Կոստանդնուպոլիս հրապարակուող ազատական թրքական «Վաքիթ» թերթի Փարիզի թղթակիցին արտօնութիւն տուաւ հրատարակելու նիւթին ամէնէն հետաքրքրական հատուածները: «Քարընթ Հիսթըրի»-ի համար հատուածները թրքերէնէ անգլերէնի թարգմանեց բնիկ պոլսեցի Մ. Զեքերիան: Ատոնք մօտաւորապէս յիսուն էջերն էին բնօրինակ ձեռագիր գրութեան, որուն առաջին նախադասութիւնը` «Ես չեմ ըսեր ամբողջ ճշմարտութիւնը, սակայն այն, ինչ որ կ՛ըսեմ,  ճշմարիտ է», մեծ ցնցում յառաջացուց Թուրքիոյ մէջ»:

Ինչպէս Օպրի Հըրպըրթի հետ հարցազրոյցին, Թալէաթ իր յուշերուն մէջ եւս կը փորձէ արդարացնել ինքզինք` Հայոց ցեղասպանութեան համար մեղադրելով բոլորը` հայերը, ռուսերը, նոյնիսկ թուրքերը: Ան չի ժխտեր «հայերու, իսկ որոշ բնակավայրերու մէջ նաեւ յոյներու եւ Սուրիոյ մէջ որոշ արաբներու տեղահանութիւնները», սակայն կը պնդէ, որ այդ մասին լուրերը «խիստ չափազանցուած էին»: Ապա Թալէաթ կ՛աւելցնէ. «Այս ըսելով` ես երբեք միտք չունիմ ժխտելու փաստերը: Միայն կը փափաքիմ ջնջել չափազանցութիւնները եւ փաստերը շարադրել այնպէս, ինչպէս որ դէպքերը տեղի ունեցեր են»:

Նախկին Մեծ Վեզիրը կը խոստովանի. «Ես կ՛ընդունիմ, որ մենք բազմաթիւ հայեր տեղահանած ենք մեր արեւելեան նահանգներէն, բայց ասիկա մենք չենք ըրած նախապէս մշակուած ծրագիրով մը: Այս գործողութիւններուն պատասխանատուութիւնը առաջին հերթին կ՛իյնայ նոյնինքն տեղահանուած ժողովուրդին վրայ: Մեր արեւելեան շրջանները ձեռք ձգելու նպատակով Ռուսիան զինեց այս շրջաններու հայ բնակչութիւնը եւ նշուած տարածքին մէջ կազմեց հայկական հրոսակային ուժեր»:

Փորձելով վերականգնել իր արատաւորուած անունը` Թալէաթ կը հաստատէ թրքական բռնութիւններու գործադրումը ընդդէմ հայերու. «Ես կ՛ընդունիմ, որ տեղահանութիւնը ամէն վայրի մէջ չէ, որ իրականացուած է օրինական կարգով: Որոշ տեղեր անօրինական արարքներ կատարուած են…: Շարք մը պաշտօնեաներ չարաշահած են իրենց լիազօրութիւնները, եւ շատ մը վայրերու մէջ մարդիկ իրենք իրենց ձեռքը առեր են կանխարգելիչ միջոցներն ու հալածած անմեղ մարդիկը: Կը խոստովանիմ»:

Շարունակելով իր իսկ երեսը ճերմկցնելու հռետորութիւնը` Թալէաթ զիջում կ՛արձանագրէ. «Կը խոստովանիմ նաեւ, որ կառավարութեան պարտականութիւնն էր կանխել այս բռնութիւններն ու վայրագութիւնները, կամ առնուազն բռնել եւ խստօրէն պատժել մեղաւորները: Շատ վայրերու մէջ, ուր տեղահանուած մարդոց գոյքը եւ ունեցուածքը թալանուած էին, իսկ հայերը` հալածուած, մենք ձերբակալեցինք մեղաւորները եւ պատժեցինք ըստ օրէնքի: Սակայն կը խոստովանիմ, որ պէտք էր աւելի խիստ վարուէինք, իրականացնէինք  ընդհանուր հետաքննութիւն` բոլոր սադրիչներն ու  թալանճիները բացայայտելու եւ խստօրէն պատժելու համար: Բայց չէինք կրնար այդպէս ընել: Թէեւ շատ մեղաւորներ պատժեցինք, սակայն անոնց մեծ մասը մնաց անպատիժ»:

Թալէաթ կը շարունակէ արդարացումներ գտնել հայկական կոտորածներու գծով հետապնդման չենթարկուած ոճրագործներու համար, որոնք «անհեռատես եւ մոլեռանդ էին, սակայն անկեղծ էին իրենց համոզումներուն մէջ: Հասարակութիւնը կը խրախուսէր զանոնք, եւ անոնք իրենց կռնակին ունէին աջակիցներու մեծ բանակ մը: Անոնք մեծ էին թիւով եւ ուժեղ: Զանոնք բացայայտօրէն եւ տեղւոյն վրայ պատժելը կրնար դժգոհութեան մեծ ալիք յառաջացնել այն մարդոց մօտ, որոնք համաձայն կը գտնուէին անոնց  գործողութիւններուն: Բոլոր այս սադրիչները ձերբակալելու եւ պատժելու փորձը կրնար անիշխանութեան պատճառ դառնալ Անատոլիայի մէջ ճիշդ այն պահուն, երբ մենք խիստ կարիքը ունէինք միասնութեան»:

Յանուն ճշմարտութեան պէտք է նշել, որ Թալէաթի պնդումները այն մասին, որ իբր թէ հայերը Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն թիկունքէն հարուածեր են Թուրքիան, ամբողջութեամբ կեղծիք են: Թուրքիոյ ռազմական նախարար, օսմանեան զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար Էնվեր փաշա, Գոնիոյ եպիսկոպոսին յղած իր նամակին մէջ բարձր գնահատած է թրքահայ զինուորներուն քաջութիւնը` 1914-1915-ի ձմրան, ռուսական բանակի դէմ պատերազմին:

Պէտք չէ զարմանալ, որ Թալէաթի այն պնդումը, թէ իր կառավարութիւնը դաժան գործողութիւններու կը ձեռնարկէր հայերու դէմ նոյնիսկ «խաղաղութեան ժամանակ», կը վերահաստատէ թրքական ցեղասպանական վաղեմի գործելակերպը, ինչպէս որ անցեալին կիրարկուած է համիտեան եւ Ատանայի հայկական ջարդերու ընթացքին, երբ չկային պատերազմներ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Հայաստանի Անվտանգութեան Ծառայութեան Նորանշանակ Եւ Նախկին Ղեկավարները

$
0
0

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Goudoyan_021516

Գէորգի Կուտոյեան

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով 2016թ. փետրուարի 12-ին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) նոր տնօրէն է նշանակուել 34-ամեայ Գէորգի Կուտոյեանը: Այս նշանակումը պայմանաւորուած էր նրանով, որ ԱԱԾ արդէն նախկին տնօրէն Գորիկ Յակոբեանը 70 տարեկան է, եւ օրէնքը թոյլ չէր տալիս նրա հետագայ պաշտօնավարումը:

Նշանակումից անմիջապէս յետոյ հայկական ընդդիմադիր լրատուամիջոցները գրեցին, որ Կուտոյեանը Սերժ Սարգսեանի փեսայի` Վատիկանում Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեանի ընկերներից է: Պաշտօնական կենսագրութիւնը ասում է, որ Կուտոյեանը աւարտել է Տոնի Ռոստովի պետական համալսարանի իրաւագիտութեան բաժանմունքը, Հայաստանի ԳԱԱ փիլիսոփայութեան եւ իրաւունքի հիմնարկում պաշտպանել է թեկնածուական ատենախօսութիւն եւ ստացել իրաւաբանական գիտութիւնների թեկնածուի գիտական աստիճան, ապա աւարտել է Միացեալ Նահանգների Ֆլետչերի իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան դպրոցը (Թաֆթս համալսարան):

Հասկանալի պատճառներով անվտանգութեան ծառայութեան մասին ոչ միայն Հայաստանում, այլ ընդհանրապէս քիչ է գրւում` հաշուի առնելով այս կառոյցի իւրայատկութիւնները: Այսօր ճիշդ ժամանակն է ակնարկ կատարել Հայաստանի ազգային անվտանգութեան կառոյցների պատմութեանն ու նրա ղեկավարների գործունէութեանը:

Վերջին 12 տարիներին այդ կառոյցը ղեկավարում էր զօրավար-գնդապետ Գորիկ Յակոբեանը (2004-2016): Նրա մասին ասւում էր, որ եղել է իր գործի գիտակը, արհեստավարժ: Յակոբեանը ԱԱԾ տնօրէն էր նշանակուել նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ժամանակ:

Յակոբեանին նախորդել էր Կառլոս Պետրոսեանը (1999-2004), որին եւս նշանակել էր Քոչարեանը: Նրա մասին ասւում է, որ առնչութիւն չի ունեցել անվտանգութեան ոլորտի հետ, աշխատել է ոստիկանական համակարգում: Քոչարեանը Պետրոսեանին աշխատանքից ազատեց, քանի որ, ինչպէս յայտնի է դառնում Ուիքիլիքսի գաղտնի փաստաթղթերից մէկում, նա ներգրաւուած է եղել մի գայթակղութեան մէջ, որի բացայայտման մէջ դերակատարութիւն է ունեցել ՀՅԴ-ն:

Պարզուել է, որ Յունաստանում գողացուած մի թանկարժէք ինքնաշարժ Ինթերփոլը յայտնաբերել է Հայաստանում: Գողացուած ինքնաշարժը ոստիկանութիւնը առգրաւել է` այն հեռացնելով տուգանային հրապարակից: Գողօնը Վրաստանի տարածքով` նաւահանգիստով, հասցուել է մինչեւ Ռուսաստան: Հայաստանում Միացեալ Նահանգների նախկին դեսպան Ճոն Էւանսը 2004թ. նոյեմբերի 8-ին արտաքին գործերի նախարարութիւն յղած հեռագրում գրում է, որ այս պատմութեան մէջ Պետրոսեանի ենթադրեալ ներգրաւման մասին Քոչարեանը տեղեկացել է մի քանի աղբիւրներից` տեղական Ինթերփոլի գրասենեակից, յունական ապահովագրական ընկերութիւնից եւ Հայաստանում համախմբական կառավարութեան մաս կազմող ՀՅԴ-ից, որը Յունաստանում կապ է հաստատել գողացուած մեքենայի տիրոջ հետ: Դաշնակցականների գանգատները լցրել է Քոչարեանի համբերութեան բաժակը, եւ նա հեռացրել է Պետրոսեանին:

Նախքան Պետրոսեանը, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը ղեկավարում էր Սերժ Սարգսեանը (1995-1999), ում այդ պաշտօնին նշանակել էր Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, ապա վերանշանակել` Ռոպերթ Քոչարեանը:  Սարգսեանից առաջ կառոյցը ղեկավարել են Դաւիթ Շահնազարեանը (1994-1995), զօրավար-հազարապետ Էդուարդ Սիմոնեանցը (1993-1994), զօրավար-հազարապետ Վալերի Պօղոսեանը (1992-1993) եւ զօրավար-հազարապետ Յուսիկ Յարութիւնեանը (1991-1992): Դաւիթ Շահնազարեանը Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախկին խնամին է, որեւէ առնչութիւն չունէր ոլորտի հետ: Էդուարդ Սիմոնեանցը մահացել է տարիներ առաջ: Յուսիկ Յարութիւնեանը 2006-ի մայիսի 3-ին դարձաւ Երեւան-Սոչի օդանաւի աղէտի զոհ: Վալերի Պօղոսեանը, ով նոյնպէս Լեւոն Տէր Պետրոսեանի շրջապատից էր, երկար տարիներ` 1996-ից մինչեւ 2014-ը, Սահմանադրական դատարանի անդամ էր: Նրա մասին եւս Ուիքիլիքսը ունի գայթակղեցուցիչ պատմութիւն:

Այսպէս, 2008-ի մարտի 6-ի ուշ երեկոյեան Վալերի Պօղոսեանը գաղտնի կերպով կապ է հաստատել Հայաստանում Միացեալ Նահանգների դեսպանատան հետ` իր տանը հրատապ հանդիպում կազմակերպելու խնդրանքով: Պօղոսեանը յայտնել է դեսպանատան պաշտօնեաներին, որ նախագահ Քոչարեանը նախապէս կանխորոշել է նախկին նախագահ Տէր Պետրոսեանի բողոքի վերաբերեալ փետրուարի 19-ի նախագահական ընտրութիւնների հարցով մարտի 8-ին ակնկալուող Սահմանադրական դատարանի վճռի ճակատագիրը: Պօղոսեանն ասել է, որ ինքն անձամբ, ինչպէս նաեւ իր գործընկերներից ոմանք ճնշումների են ենթարկուել նախագահի կողմից: Նա նշել է, որ Հայաստանում այժմ տիրում է «բացարձակ բռնապետութիւն» եւ` աւելացրել, որ կեղծուած որոշումը կարող է երկրի համար ունենալ «անկանխատեսելի հետեւանքներ»: Նա ամերիկացիներին զգուշացրել է, որ եթէ միջազգային հանրութիւնն այս կեղծ որոշումից յետոյ աչքաթող անի իշխանութիւններին, ապա դա անդառնալի վնաս կը հասցնի Հայաստանին եւ կը փշրի երկրի` ժողովրդավարութեան հասնելու որեւէ յոյս:

Խորհրդային շրջանում Հայաստանի անվտանգութեան ծառայութիւնը, այն ժամանակ` ՊԱԿ` Պետական անվտանգութեան կոմիտէ, աւելի շատ յայտնի` ՔԿՊ անունով, ուղղակիօրէն ենթարկւում էր ԽՍՀՄ ՊԱԿ-ին:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան շրջանում (1918-1920/21թթ.) առաջին քայլերն են կատարուել անվտանգութեան համակարգի ձեւաւորման ասպարէզում: Ռազմական նախարարութեան Գլխաւոր սպայակոյտում գործել է հետախուզական բաժանմունք: Ըստ արխիւային փաստաթղթերի, 1918 թ. օգոստոսի 13-ին վարչապետ Քաջազնունու նախարարների խորհուրդը քննարկել է ռազմական նախարարութեան միջնորդութիւնը մի շարք ուղղութիւններով, այդ թւում` հետախուզական եւ հակահետախուզական, ծախսերը ծածկելու նպատակով գումարներ յատկացնելու վերաբերեալ: Նախարարների խորհուրդը որոշում է կայացրել հետախուզութեան եւ հակահետախուզութեան կարիքների համար յատկացնել 20 հազարական ռուբլի:

Մինչ այդ` 1918-ի օգոստոսի 8-ին, ռազմական նախարարութեան Գլխաւոր սպայակոյտում ծառայութեան է նշանակուել պորուչիկ Արտեմի Յովհաննիսեանը (Յովհան Խան-Կոտուրսկի կամ Ղոթուրի): Նա Գլխաւոր սպայակոյտի գործունէութեան հակահետախուզական ուղղութեան առաջին ղեկավարն էր: Հետախուզական աշխատանքների գծով առաջին ղեկավարն է եղել փոխգնդապետ Ալեքսանդր Շնէուրը: 1919 թ. սեպտեմբերից մինչեւ 1920 թ. ապրիլ ամիսը հետախուզական բաժանմունքը ղեկավարել է կապիտան Վահագն Մուրադեանը, որին այնուհետ փոխարինել է կապիտան Տիգրան Դեւոյեանը: Նշուած բաժանմունքում եղել են հետախուզութեամբ, հակահետախուզութեամբ, յանցագործութիւնների դէմ պայքարով, դիտարկմամբ եւ գործակալների աշխատանքի ղեկավարմամբ զբաղուող ստորաբաժանումներ:

Բացի այդ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ռազմական նախարարութեան Գլխաւոր սպայակոյտի հետախուզական բաժանմունքը փորձում էր աշխատանքներ ծաւալել արտասահմանում,  առաջին հերթին` Անդրկովկասում, Ռուսաստանի հարաւում եւ Հիւսիսային Կովկասում: Տուեալ գործունէութիւնը կազմակերպելու համար օգտագործւում էին արտաքին գործերի նախարարութեան հնարաւորութիւնները: Միաժամանակ փորձ էր արւում Թիֆլիսում եւ Պաքւում գտնուող հայկական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններում զինուորական կցորդի հաստիքներ բացել: Հայաստանի ռազմական նախարարութեան Գլխաւոր սպայակոյտի սպայ, զօրավար-հազարապետ Ղորղանովի (Կորգանով) նախաձեռնութեամբ, մեծ դժուարութեամբ ֆինանսական միջոցներ են գտնւում եւ 1919 թ. յուլիսից այդ կարեւոր օղակը սկսում է գործել: Այդ բաժինը կատարել է նաեւ արտաքին հետախուզական աշխատանքներ` Թուրքիայում եւ Իրանում:

 

 

Տեսակէտ. Հայկական «Նոր Ձախ»-ը

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Հայաստանի Ա. անկախ հանրապետութեան անկումէն ետք հայ մտաւորականութեան մօտ գաղափարական ուղղութիւնը սկսաւ փոխուելու: Անկէ առաջ ընկերվարութիւնն ու ազատականութիւնն էին, որոնք կ՛իշխէին հայկական քաղաքական գաղափարաբանական դաշտին վրայ, սակայն անոնք փոխարինուեցան ծայրայեղ ազգայնամոլութեամբ եւ մարքսիզմ-լենինիզմով:

Ազգայնամոլութիւնը քարացուց հայկական յառաջդիմական գաղափարական միտքը, հայ ազգը հեռու պահեց միջազգային քաղաքական զարգացումներէն եւ սպաննեց ազատ մտածումի ոգին: Միւս կողմէ` մարքսիզմ-լենինիզմը հայ ազգը ուզեց առաջնորդել խորհրդային ամբողջատիրական դրօշին ներքեւ, դաւաճան նկատեց բոլոր անոնք, որոնք ուզեցին վերականգնել ժողովրդավարական կարգերը, եւ ծաւալուն պայքար մղեց, որպէսզի տապալէ սփիւռքի մէջ գործող բոլոր հայկական ժողովրդավարական ուժերը:

1960-ականներուն նոր հոսանք մը ի յայտ եկաւ միջազգային քաղաքական կեանքին մէջ. այդ հոսանքը մերժեց բոլոր տեսակի ամբողջատիրութիւնները` ըլլայ արեւմտեան թէ արեւելեան աշխարհին մէջ, կոչ ուղղեց հաստատելու միջազգային խաղաղութիւն, պայքարեցաւ մարդ անհատի ընդհանուր ազատագրութեան համար` տնտեսական, ընկերային, ազգային թէ մշակութային մակարդակներու վրայ:

Այս հոսանքը «Նոր ձախ»-ն էր, որ այլընտրանք դարձաւ արեւմտեան գաղութատիրութեան, առանձնացումին եւ ազատ շուկայական տնտեսութեան: Անիկա այլընտրանք դարձաւ նաեւ արեւելեան ամբողջատիրութեան, դիւանակալութեան եւ կեդրոնացումին: Մեր կարծիքով, Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակի նշումը դարձաւ մղիչ դէպքը հայկական «Նոր ձախ»-ի ծնունդին: Հայութիւնը, ազդուած` այլ ազգերու ազատագրական պայքարներէն, իր ցեղասպանութեան յիշատակումի օրը դարձուց պայքարի օր. արցունքը վերածեց բողոքի, իսկ լացը` ցոյցի:

Հայը այդ օրէն սկսեալ իր աչքը բացաւ` հետեւելով բազմաթիւ ազգերու ազատագրական պայքարներու լուրերուն, մանաւանդ որ ասիական եւ ափրիկեան բազմաթիւ երկիրներ այդ ժամանակաշրջանին իրենց անկախութիւնները կերտեցին` տասնամեակներ շարունակ ծաւալուն պայքարներ մղելէ ետք: Հայը վերստին արթնցաւ իր խոր քունէն, իր ազգային դատը կապեց միջազգային քաղաքականութեան հետ եւ դաշնակիցը դարձաւ բոլոր ճնշուած ժողովուրդներուն: Եւ որովհետեւ «Նոր ձախ»-ը միայն ազգային ազատագրական գաղափարներով զինուած չէր, այդ պատճառով ալ հայկական հասարակութեան մէջ անիկա պայքարեցաւ գաղափարական քարացածութեան, ամէն տեսակի անարդարութեան եւ մոլութիւններու դէմ: «Նոր ձախ» հոսանքին միջոցով մէջտեղ ելան նոր հարցեր` սեռական հաւասարութիւն, երիտասարդներու իրաւունքներ եւ արեւմտեան փիլիսոփայութեան տարածում` հայկական հասարակութեան մէջ:

Հայկական «Նոր ձախ»-ը ունԷր իր մտաւորականները, ինչպէս` Սարգիս Զէյթլեան, Հրաչ Տասնապետեան, Բաբգէն Փափազեան, Հրայր Մարուխեան եւ ուրիշներ: «Նոր ձախ»-ի ազդեցութիւնը հայկական հասարակութեան վրայ կրնանք նկատել ապրիլ 24-ի ցոյցերուն, Հայ դատի գրասենեակներուն գործունէութեան, յառաջադէմ մտաւորականութեան մտածողութեան եւ երիտասարդական ու կնոջական միութիւններուն ընդմէջէն: Ի վերջոյ, մեր կարծիքով, «Նոր ձախ»-ը յեղափոխութիւն մըն էր համայն հայութեան համար. այդ յեղափոխութեան ջահը անհրաժեշտ է փոխանցել սերունդէ սերունդ, որպէսզի հայկական յառաջդիմական գաղափարները միշտ մնան կայուն եւ արդի:

 

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Բնակարանին Վերաբերող Մտահոգիչ Զարգացումներ

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

29 յունուար 1919-ին Արամի փողոցի թիւ 9 շէնքի իր բնակարանին մէջ մահացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր եւ այն ժամանակ ներքին գործոց նախարար Արամ Մանուկեանը` բծաւոր տիֆ հիւանդութեան պատճառով (այս շէնքը Արամին նուիրած էր Ֆադէյ Քալանթարեանը ըստ http://aadmag.am/այս-տանն-է-1917-19թթ-ապրել-հհ-հիմնադիր-արամ-մ/): Անոր մարմինը ժողովրդային մեծ շուքով, ազգային յուղարկաւորութեամբ, կը թաղուի ներկայի Կոմիտասի անուան պանթէոնի վայրը գտնուող նախկին գերեզմանատան մէջ: Խորհրդային տարիներուն, գերեզմանատան վերացման պատճառով, իր այրին` Կատարինէն,  անոր աճիւնը կը տեղափոխէ «Կոզեռնի» գերեզմանատուն, որ 1930-ին քաղաքապետարանի որոշումով նաեւ կը վերցուի եւ կը վերածուի ներկայի «Սիրահարներու» այգիին: Կատարինէն անոր աճիւնը կրկին կը տեղափոխէ, այս անգամ` Երեւանի «Թոխմախ» կոչուող կեդրոնական գերեզմանատունը, ուր ան կը «հանգչի» ներկայիս: Արամ Մանուկեանի աճիւնը արժանաւորապէս եւ վերջնականապէս պէտք է հանգչի Եռաբլուրի մէջ:

Արամ Մանուկեանի (1) Տան թիւը 9 եւ (2) Պատմական Յուշարձանի Վահանակը

Արամ Մանուկեանի (1) Տան թիւը 9 եւ (2) Պատմական Յուշարձանի Վահանակը

 

Խորհրդային Օրերու Պատմական Յուշարձանները Յայտնող Վահանակը

Խորհրդային Օրերու Պատմական Յուշարձանները Յայտնող Վահանակը

Ա.- Առաջին մտահոգիչ պարագան Արամ Մանուկեանի վերաբերեալ, յատկապէս պատասխանատուներու եւ ընդհանրապէս ժողովուրդին կողմէ անտարբերութեան, անգիտակցութեան ու անտեղեակ ըլլալու ահաւոր պարագան է: Արամ Մանուկեանի բնակարանին արտաքին պատին վրայ զետեղուած է մետաղեայ քառակուսի վահանակ մը, որուն կեդրոնը տպուած է Զուարթնոց եկեղեցւոյ նմանող եւ խորանարդներով զարդարուած գծագրութիւն, իսկ շուրջը` հայերէն ու ռուսերէն տարտամ եւ անընթեռնլի գրութիւններ: Այս վահանակէն տեսած եմ նաեւ ուրիշ կառոյցներու վրայ: Անցորդներ չգիտցան այս վահանակին իմաստը, եւ քանի մը կարծեցեալ վերահասու հաստատութիւններ նաեւ չգիտցան իմաստը, կամ չպատասխանեցին ե-նամակով ղրկած հարցումիս: Վերջապէս, քանի մը դիմումէ ետք «Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձանների պահպանութեան գործակալութեան» կողմէ պարզուեցաւ, որ այս վահանակը խորհրդային ժամանակաշրջանին կը զետեղուէր պատմամշակութային արժէք ներկայացնող կառոյցներու վրայ, եւ թէ` իրենք չեն զետեղած զայն:

Այս ի՞նչ բախտի հեգնանք է, որ համայնավար վարչակարգը, հակառակ անոր որ հալածանքի ենթարկած եւ տունէն դուրս դրած է Արամի այրին եւ դուստրը, սակայն արժեւորած ու պահպանած է այս կառոյցը, իսկ վերանկախացած հայրենիքի վարչակարգը կիսաքանդ վիճակի մատնած եւ աղբանոցի վերածած է հանրապետութեան հիմնադիրին բնակարանը:

Բ.- Երկրորդ մտահոգիչ պարագան` ընդհանրապէս պատմական եւ մշակութային արժէք ներկայացնող կոթողներու հանդէպ (ան)պատասխանատու մարմիններու կրկին անտարբերութեան եւ իրաւասութիւններու ոտնակոխման հարցը, որուն ահաւոր հետեւանքի ականատես եղանք 18 յունուար 2016-ին, երբ նոյն Արամի փողոցի պատմական արժէք ներկայացնող թիւ 30 շէնքը գիշերուան ուշ ժամերուն գաղտագողի քանդուեցաւ` «որպէսզի մայթը ընդլայնուի»:

Արամի թիւ 30 շէնքին վայրը եւ քանդող մեքենաները

Արամի թիւ 30 շէնքին վայրը եւ քանդող մեքենաները

Մշակոյթի նախարարութեան իրաւասութեան տակ գտնուող այս կառոյցին մասին նախարարութիւնը լուռ մնաց (տեսնել News.am-ի 19 յունուարի յօդուածը (http://news.am/arm/news/306904.html)): Հոն կը կարդանք. «Պայքարը Արամի 30-ի պահպանման համար սկսած էր աւելի քան հինգ տարի առաջ: Քաղաքի պատմութիւնը յարգող քաղաքացիների ջանքերը զուր չէին, սակայն այս գեղեցիկ շէնքի կեանքը յաջողուեցաւ երկարաձգել միայն մինչեւ քաղաքաշինական այսօրուան համաճարակը: Այսպէս է լինում, երբ բոլորս մեր յոյսը դնում ենք ոչ թէ մեր իսկ ուժերի, համախմբուածութեան ու հետեւողականութեան, այլ ապիկար ղեկավարների մտքի զարթօնքի, օրինապահութեան կամ քաղաքի ճակատագրի վրայ: Իրականում այս շէնքի համար մղուող պայքարը դադարել էր այն բանից յետոյ, երբ տարածքի քաղաքաշինական ծրագրի նախագծող Աշոտ Ալեքսանեանը քաղաքացիներին վստահեցրել էր, որ Արամի 30-ի առնուազն ֆասատային (արտաքին) հատուածը հնարաւոր կը լինէր պահպանել: Եւ այդպէս, փափուկ բարձի խայծն աշխատեց»:

Գ.- Դժբախտաբար մեծ հաւանականութիւն կայ, որ Արամի 30-ի ճակատագիրին ենթարկուի նաեւ Արամի 9-ը` Արամ Մանուկեանի արդէն կիսաքանդ բնակարանը: Ի՞նչ պէտք է ընել` արգելք հանդիսանալու պատմական այսպիսի աղէտ մը կանխարգիլելու համար: Կ՛առաջարկեմ.

1. Անյապաղ կազմել Արամ Մանուկեանի յիշատակի պաշտպան խորհրդարանական յանձնախումբ եւ Ազգային ժողովի օրակարգին մէջ քննարկել Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրին բնակարանը տուն-թանգարանի վերածելու խնդիրը, ինչպէս նաեւ` 2018-ի մայիս 28-ին արժանաւոր կերպով տօնելու Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի տարեդարձը, որուն ծիրին մէջ տուն-թանգարանին բացումը կատարել:

2. Անյապաղ կազմել Արամ Մանուկեանի յիշատակի պաշտպան ժողովրդային գործօն մարմին` հետապնդելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրին բնակարանը տուն-թանգարանի վերածելու առաջադրանքը, դիմելով պատկան բոլոր մարմիններուն, յատկապէս` մշակոյթի նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետութեան, տէր կանգնելով այս կառոյցին:

Վստահ եմ, որ պատմական արժէքի այս իրաւունքը, որ պէտք էր առանց ճիգի ու պայքարի, բնական ընթացքով կատարուէր եւ պահպանուէր, կը հանդիսանայ խորհրդարանական եւ ժողովրդային անյապաղ հետապնդումի առարկան:

30 յունուար 2016

Անդրադարձ. Թուրք-Ամերիկեան Լարուածութիւնն Ու Ռուսական Արջը

$
0
0

vaho_021516

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիա խիստ զայրացաւ, երբ 30 յունուարին Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Պրետ ՄքԿըրք Արաբ Բունար այցելելով հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութեան կուսակցութեան (ԺՄԿ) ղեկավարներէն Էլտար Խալիլի հետ, իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Անթոնի Պլինքին միեւնոյն օրը հանդիպում ունեցաւ քրտական նշեալ կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմի հետ: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Էքուատորէն իր վերադարձի ընթացքին Ուաշինկթընին կոչ ուղղեց` Թուրքիոյ եւ «ահաբեկչական» ԺՄԿ-ի միջեւ ընտրանք մը կատարելու: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի պատասխանեց, որ իր երկիրը ԺՄԿ-ն ահաբեկչական չի նկատեր, այլ` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ դաշնակից մը: Այդ իրողութիւնը Թուրքիոյ համար անընդունելի է: Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու պատասխանելով Ուաշինկթըն-Անգարա լարուածութեան մասին հարցումի մը ըսաւ. «Սպասեցէ՛ք եւ պիտի տեսնէ՛ք»: 13 փետրուարէն ի վեր թրքական բանակի հրետանիին կողմէ Ազեզի մէջ քրտական ուժերու դիրքերու ռմբակոծումը յստակացուց այդ խօսքին նշանակութիւնը:

Անգարայի մօտ Ուաշինկթընի նկատմամբ կը տիրէ անվստահութեան մթնոլորտ մը եւ Տաւութօղլու մատը ճիշդ այդ վէրքին վրայ դրաւ, երբ նշեց, թէ ամէն անգամ, որ ռուս-ամերիկեան ժողով մը տեղի կ՛ունենայ, Սուրիոյ բանակին եւ ռուսական օդուժին գործողութիւնները թափ կը ստանան: Այլ խօսքով` ան ամերիկացիք մեղսակից կամ առնուազն պատասխանատու կը նկատէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ներկայ զինուորական գործողութիւններուն ոչ թրքանպաստ զարգացումներուն:

Տիրող կացութեան մէջ` Անգարայի մօտ արդէն գոյացած է ինքնիր ուժերուն վստահելու համոզում մը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ իր երկիրը կը պատրաստուի Սէուտական Արաբիոյ հետ Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութեան մը: Ատկէ առաջ Էրտողան արդէն յայտարարած էր, որ «եթէ Թուրքիան 2003-ին Իրաք միջամտած ըլլար, այդտեղ պիտի չտեսնէինք ներկայ կացութիւնը»` աւելցնելով. «Չենք ուզեր Սուրիոյ մէջ կրկնել Իրաքի մէջ գործուած նոյն սխալը»: Ղեկավարութեան մօտ տիրող զինուորական միջամտութեան մը ի նպաստ մթնոլորտը նաեւ տեսանելի է թրքական մամուլին մէջ. Իպրահիմ Քարակիւլ իշխանամէտ «Ենի Շաֆաք» օրաթերթին մէջ վերջերս գրեց. «Եթէ Թուրքիան այսօր չմիջամտէ, ապա քրտական շրջաններուն մէջ տեղի պիտի ունենայ բռնարարքներու մագլցում, իսկ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Թուրքիոյ դէմ, ռուս-իրանեան պատերազմ է: Թուրքիան պէտք է ուղղակիօրէն միջամտէ, այլապէս ենթակայ պիտի ըլլայ մասնատումի վտանգին»:

Հիւսիսային Սուրիա ներխուժելով, սակայն, թրքական բանակը մուտք պիտի գործէ իշամեղուներու փեթակը: Այդտեղ մեծ է Թուրքիոյ հակառակորդ կողմերու եւ խմբաւորումներու թիւը: Աւելի՛ն` Անգարա իշամեղուներէն անդին, իր դիմաց կանգնած պիտի գտնէ ռուսական արջը, որ պիտի չվարանի օգտագործել Թուրքիոյ կողմէ վար առնուած «Սու-24»-ի վրէժը լուծելու այդ ոսկի առիթը, մանաւանդ որ Թուրքիան իր այդ ինքնագլուխ արարքով զրկուած պիտի ըլլայ ՕԹԱՆ-ի ամբողջական զօրակցութենէն` նկատի ունենալով, որ նշեալ դաշինքին իր անդամներուն նկատմամբ յանձնառութիւնը միայն պաշտպանողական բնոյթի է: Թուրքիան նախայարձակ դառնալով ինքզինք պիտի մերկացնէ ՕԹԱՆ-ի պաշտպանութենէն: Բացառուած չէ, որ Ուաշինկթըն արտօնէ, որ Մոսկուա «ամբարտաւան ու մեծամիտ» Անգարային քիթը քիչ մը արիւնէ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 10 փետրուարին յայտարարեց. «Մտահոգ ենք Սուրիոյ սահմանին վրայ Թուրքիոյ շարժումներէն»: Երբ մեծ տէրութիւն մը կացութեան մը նկատմամբ մտահոգութիւն կը յայտնէ, ընդհանրապէս ըսել կ՛ուզէ, թէ ձեռնածալ պիտի չմնայ: Ռուսիան 2008-ին նոյնպիսի մտահոգութիւն մը յայտնած էր Հարաւային Օսեթիոյ սահմանին մօտ վրացական բանակին շարժումներուն նկատմամբ: Մոսկուան, ինչպէս օրին, այսօր եւս մատը թափահարելով` առնչակից կողմին կը փոխանցէ հետեւեալ պատգամը. «Զգո՜ւշ, չփորձուի՛ս»: Այնքան ատեն որ թրքական բանակը կը շարունակէ մնալ Թուրքիոյ սահմանին մէջ, ապահով է շնորհիւ ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան, սակայն եթէ մուտք գործէ սուրիական անտառ, ապա այդտեղ պիտի վերածուի ռուսական արջին համար արդար որսի:

 

 


Ակնարկ. Անգարան Փորձ Կը Կատարէ Խախտելու Կանոնները

$
0
0

Turkish-artillary_021516

Այն պահուն, երբ միջազգային ընտանիքը սկսած էր թուականով խօսիլ Սուրիոյ մէջ զինադուլ հաստատելու մասին, Թուրքիոյ կողմէ սուրիական տարածքներու վրայ քրտական կեդրոններու դէմ իրականացուած յարձակումները մագլցողականութեան նոր աստիճանաչափ արձանագրեցին:

Պարզ դարձած էր արդէն, որ ժընեւեան բանակցութիւնները խափանողը` նախապայմանային մօտեցումներով Անգարան էր, որ անընդհատ կը փորձէր խոչընդոտել քրտական մասնակցութիւնը: Արեւմուտքի պահուածքը այստեղ տարանջատում բերող էր` Թուրքիոյ քիւրտերը ահաբեկչական որակելով եւ այդ պիտակաւորումէն դուրս ձգելով սուրիական Քիւրտիստանը: Արդիւնքը այն էր, որ ժընեւեան բանակցութիւնները իրողապէս կը խափանուէին. միջազգային ընտանիքի գնահատումը կ՛ուշանար. ո՞վ էր բանակցութիւններու մեկնարկը արգելակողը:

Միւնիխի հանդիպումը սկսած էր խօսիլ զինադուլի մասին, որուն սկզբունքով պէտք է յաջորդէին բանակցութիւնները: Զինադուլի տեսանելիութիւնը շատ անորոշ էր, այսուհանդերձ յայտարարի շուրջ համաձայնութեան գալը` պատերազմական գործողութիւնները հանգրուանի մը համար դադրեցնելու, սկսած էր ուրուագծուիլ իբրեւ ռուս-ամերիկեան ընդհանուր համաձայնութիւն:

Նման մթնոլորտի մէջ էր փաստօրէն, որ Անգարան իրեն դէմ ուղղուած քրտական յարձակումներ պատրուակելով դիմեց ռազմական քայլի, ռմբակոծելով քրտական յենակէտեր` սուրիական տարածքներու վրայ:

Կը թուի, որ ՏԱՀԵՇ-ն ու քրտական գործօնը հետզհետէ կը նահանջեն երկրորդ գիծ, եւ պատերազմը տակաւ կը տեղափոխուի ռուս-թրքական հարթութիւն: Մէկ կողմէ սուրիական կառավարական, ռուսական, որոշակիօրէն իրանեան եւ քրտական, միւս կողմէ թրքական, ՏԱՀԵՇ-ական եւ գէթ պատրաստակամութիւն յայտնելու առումով սէուտական-արաբական ճակատ:

Արդէն իսկ միջազգային մամուլը սկսած է  խօսիլ կայուն տեղաշարժերու մասին, որոնք անուղղակիօրէն կ՛ընդգծեն ռուսական ուժերու, կառավարական ուժերու եւ քիւրտ զինեալներու  ռազմական գործողութիւններուն յայտնաբար համակարգուած ըլլալուն մասին:

Գետնի վրայ տեղաշարժը, Արեւմուտքի կամ աւելի ճիշդը Ուաշինկթընի կողմէ արգելակումը  Անգարայի առաջադրած միջազգային երաշխիքով անվտանգութեան գօտի ստեղծելու, աւելի ետ երթալով դարձեալ Ուաշինկթընի հետ համաձայնեցուած ռուսական օդուժի աշխուժ ներգրաւումը սուրիական  պատերազմին, բայց մանաւանդ Արեւմուտքի ցուցաբերած հովանաւորութիւն քրտական գործօնին կողմէ  արձանագրուող զարգացման, կը մղեն Անգարան ժընեւեան բանակցութիւններ կամ միւնիխեան զինադուլներ նման եղանակներով խափանելու: Անգարայի քայլը նեղ իրավիճակի մէջ յայտնուած պետութեան քայլ է, որ միայն Ուաշինկթընի ուղղուած յայտարարութիւններով չի բացատրուիր` Միացեալ Նահանգներ պէտք է ընտրութիւն կատարեն քիւրտերուն եւ Անգարայի միջեւ:

Ուաշինկթըն կը թուի, որ այդ ընտրութիւնը որոշ առումով կատարած է արդէն: Անգարան առայժմ միայն Ռիատի զինակցութիւնը ունի սուրիական տարածքներ ռմբակոծելու իր վարքագիծին մէջ: Իսկ Ռիատը նեղ կացութեան մատնուած պետութեան աջակցելու ի՛ր պատճառները ունի, որոնք կը բխին իր հերթին նեղ կացութեան մատնուած ըլլալէ:

Քարիւղապետական համակարգի երկիրը յայտարարած էր իր պատրաստակամութիւնը սուրիական տարածք ցամաքային ուժերով ներխուժելու: Սէուտական Արաբիան օդանաւեր տեղակայած է Ատանայի մէջ գտնուող Ինճիրլիք զօրակայանին մէջ: Փետրուար 14-ին այդ մասին յայտարարած էր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: Սէուտական օդուժը, ըստ յայտարարութիւններու, պիտի ներգրաւուի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին:

Խնդիրը այն է, որ Ուաշինկթընի երկու ռազմավարական գործընկերները իրենց նախկին նշանակութիւնը չեն ներկայացներ: Թուրքիոյ մասնատման հաւանականութիւններուն մասին հետզհետէ կը բազմանան հրապարակումները, իսկ քարիւղը հետզհետէ կ՛արժեզրկուի:

Արտակարգ իրավիճակներ ստեղծելու միտող քայլերը պարզապէս ժամանակաւոր կացութիւն կը ստեղծեն եւ կրնան միայն յետաձգել աշխարհաքաղաքական կեդրոններու որոշած երկարաժամկէտ ծրագիրները:

Ռուսական օդուժի աշխուժ ներգրաւումը, Թուրքիոյ կողմէ սուրիական տարածքներու վրայ գործող քրտական յենակէտեր ռմբակոծելը, Սէուտական Արաբիոյ օդուժի ահազանգային վիճակի մէջ գտնուիլն ու թրքական ռազմակայաններ տեղակայումը կամ ցամաքային մասնակցութեան հաւանականութեան շեշտումը աշխարհամարտի տեղայնացուած պատերազմի նախադրեալները կը պարփակեն: Իրադրութիւններու ընթացքը կը յուշէ, որ աշխարհաքաղաքական ծրագիրը գէթ այս պահու դրութեամբ կ՛ընթանայ վերահսկելի աշխարհամարտի կանոններով: Այդ կանոնները խախտելու փորձեր է, որ կը կատարէ Անգարան:

«Ա.»

«Մեղեդի» Երգարանը

$
0
0

ԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Megheti_021716Իւրաքանչիւր ժողովուրդի կեանքը բնութագրող ամենաազնիւ ու հարուստ բնագաւառներէն է երգարուեստը: Հայ երգը ունի հազարամեակներու պատմութիւն` ընդգրկելով հոգեւորէն մինչեւ աշուղական, ժողովրդականէն` հայրենասիրական, դասականէն` քաղաքային ֆոլքլոր եւ այլն: Մեզի հասած հայ անուանի եւ կամ անանուն հեղինակներու երգարուեստին մէջ արտացոլուած են թէ՛ իրենց ոճը, անհատական ձայնը, տարաբնոյթ ներքին մղումները, եւ թէ՛ տուեալ ժամանակաշրջանը բնորոշող գեղագիտական ըմբռնումները, բարքերն ու սովորոյթները:

2015 թուականին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսաւ «Մեղեդի» ձայնագրեալ-պատկերազարդ երգարանը, որ պատրաստուեցաւ երաժիշտ, երգիչ Արթիւր Պաղտասարեանի կողմէ: Գիրքին հրատարակութիւնը իրականացած է Պետրոս Ռոպէր-Անժէլ Գազանճըօղլուներու մեկենասութեամբ` ի յիշատակ իրենց հանգուցեալ հօր` Սամուէլ Գազանճըօղլուի եւ եղբօր` Կարպիս Պոյաճեանի:

Սոյն հատորի լոյս ընծայման մեծապէս օժանդակած է պատրիարքական աթոռի հրատարակութեան յանձնախումբը: Երգարանը նուիրուած է հայ տպագրեալ գիրքի 500-ամեակին եւ մեծ երգահան Սիրվարդ Գարամանուկի ծննդեան 100-ամեակին:

«Մեղեդի» երգարանի առաջին բաժինին մէջ տեղ գտած են տարբեր ժամանակաշրջաններու եւ ոճերու շուրջ վեց տասնեակ երգեր, ապա երկլեզու` հայերէն-անգլերէն ծանօթ եւ կամ քիչ ծանօթ «Յօրինողներու կենսագրականներ», յաջորդիւ` «Հայկական նուագարաններ», ապա «Տառադարձութեան ցուցակ», եւ «Յատուկ շնորհակալութիւն» բաժինները:

Սոյն երգարանը առանձնայատուկ է այն առումով, որ կան նաեւ երգերու ձայնանիշները: Առանձնայատկութիւն մը, որ մինչ այս Թուրքիոյ մէջ չէր եղած:

«Յօրինողներու կենսագրականներ» բաժինին մէջ , յայտնի անուններու կողքին, ներկայացուած են նաեւ այն հեղինակները, որոնք հայ երաժշտութեան առընթեր իրենց ներդրումը ունեցած են նաեւ միջազգային երաժշտութեան զարգացման գործին մէջ:

Երգերը իրենց ոճով, ժամանակագրական ու աշխարհագրական առումներով տարբեր են` միջնադարէն մինչեւ մեր ժամանակները, հոգեւորէն (Ներսէս Շնորհալի` «Առաւօտ լուսոյ») մինչեւ աշուղական (Սայաթ Նովա` «Քամանչա»), դասական (Ռոմանոս Մելիքեան` «Վարդ») հեղինակային (Ռ. Հախվերդեան` «Իմ փոքրիկ նաւակ»), ժողովրդական («Սիրուն թռչնիկ»), գուսանական (Գուսան Շահէն` «Խռոված սէր»), մանկական (Սիրվարդ Գարամանուկ` «Սոլֆեժի դաս»): Կան նաեւ քանի մը երգեր, որոնց դաշնաւորումը կատարած է Արթիւր Պաղտասարեան` «Գարուն», «Երազ», «Լուսնեակ գիշեր», «Հինկալա»:

Գիրքին կողքի նկարները պատրաստած են արուեստագէտներ Վահէ Պէրպէրեան` գեղեցիկ ծիրանի ծառ նկարով եւ Ատիս Զարեան` «Կոմիտաս վարդապետ մանուկներու հետ» նկարով: Ձեւաւորումը կատարած է արուեստագէտ Սելին Պետիկեան:

«Մեղեդի» երգարանին օգնութեամբ հայկական երգը կը թափանցէ հայ ընտանիքներէ ներս, օգտակար կ՛ըլլայ ինչպէս ուսուցիչներուն, այնպէս ալ երեխաներու, երիտասարդներու ու չափահասներու համար: Ձեռք բերելով այս երգարանը, իւրաքանչիւր հայ ուղղակիօրէն կ՛առնչուի հայ երգարուեստի հարուստ ու բազմաոճ բնագաւառին, հայեացքը կ՛ուղղէ հայ բազմադարեան մշակոյթի արմատներուն եւ անոր ճիւղերուն:

21 յունուար, 2016

 

«Տալիտա» Պարբերականի Անդրանիկ Համարը Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Է

$
0
0

Dalida_021716Օրերս հրապարակուեցաւ ժամանակին հայաշատ Շուպրա թաղամասին եւ Գահիրէի կեդրոնի բնակչութեան հա մար նախատեսուած «Տալիտա» պարբերականի առաջին համարը, որուն հիմնական նպատակն է բազմամշակոյթ Գահիրէի վաղեմի նկարագիրը վերարծարծել եւ նպաստել բնակչութեան հաւաքական յիշողութեան վերականգնման, փոխճանաչողութեան եւ անոր վրայ հիմնուած համերաշխութեան: Մեծադիր 126 երեսներէ բաղկացած եւ ճաշակով կազմուած գունաւոր` պատկերազարդ պարբերականը Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով ամբողջովին նուիրուած է հայութեան` ի Հայաստան, Եգիպտոս եւ այլուր, վերապրումի եւ ստեղծագործութեան, քաղաքակրթական նպաստի հերոսապատումին: Պարբերականն ունենալով «ժողովրդական մամուլ»-ի կոչում եւ հետամտելով հասարակութեան տարբեր խաւերու զարգացումը` կը բաշխուի անվճար: Առաջին այս թիւը, բոլորովին զերծ ըլլալով առեւտրական գովազդներէ, հրատարակուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի աջակցութեամբ: Թիւի պատրաստութեան աշխատանքը համակարգեց Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբը: Հետաքրքրական է, որ նոր հրատարակութեան խմբագիր Սամեհ Քաշեֆ եւ խմբագրի խորհրդական Մարուա Ֆոտա մօտ տարի մը առաջ իրե՛նք այցելեցին «Յուսաբեր» ակումբ եւ ներկայացուցին հրատարակութեան ծրագիրն ու Ցեղասպանութեան տարելիցին առթիւ առաջին թիւը հայոց նուիրելու իրենց մտադրութիւնը: Անոնք, տակաւին, առաջարկեցին Շուպրա թաղամասի գլխաւոր հրապարակի մը վրայ հայութեան նուիրուած յուշարձան կանգնեցնել` ի յուշ` Գահիրէի այս հոծ բնակուած շրջանի նախկին հայ բնակիչներուն: Այս նախագիծն ալ կը սպասէ իրագործման: Նոյն գործունեայ լրագրողները նախաձեռնեցին եւ իրականացուցին նոյնպէս նախապէս բազմամշակոյթ Փոր Սայիտ քաղաքին յատկացուած նոյնատիպ պարբերական մը, որուն մէջ Սուէտիոյ (Մուսա Տաղ) հերոսական ժողովուրդի քառամեայ` 1915-19 ապաստան վրանաքաղաքին եւ իրենց պայքարին անդրադարձ ալ ծրագրած են կատարել: Գաղափար մը տալու համար պարբերականի հարուստ բովանդակութեան մասին` Ցեղասպանութեան առնչուած պատմական, վերապրածներու վկայութիւններու եւ իրաւական երեսին կողքին, յօդուածներ նուիրուած են հայ մշակոյթի անուանի գործիչներ` Կոմիտաս վարդապետի, Յովհաննէս Թումանեանի, Ուիլիըմ Սարոյեանի, Արամ Խաչատուրեանի, Յովհաննէս Թումանեանի, Աւետիք Իսահակեանի, սրբանկարիչ Եուհաննա Արմանիի, գեղանկարիչներ` Երուանդ Տեմիրճեանի, Աշոտ Զօրեանի, Սարուխանի, Բիւզանդ Կոճամանեանի, բոլորն ալ` եգիպտացի, լիբանանցի կամ օտար հեղինակներէ: Անոնցմէ զատ, հայ գիրի, արուեստի եւ գիտութեան երախտաւորներու մասին հակիրճ տեղեկութիւններ ալ կը պարունակէ անիկա: Հարցազրոյցներ ունին` եգիպտահայոց հոգեւոր առաջ նորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան, Էտի Գարակէօզեան` ներկայացնելով հօր` արքայական ընտանիքի յատուկ լուսանկարիչ եւ նախկին թագաւոր Ֆարուք Ա.ի մտերիմ ու վստահուած անձի, Արշակ Գարակէօզեանի յուշերը, Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու վկայութիւնները արձանագրած Վերժին Սվազլեան, «Նուպար» հրատարակչատան տէրերէն` դր. Ճորճ եւ Մարլօ Սիմոնեաններ, երգիծանկարիչ Ալ. Սարուխանի ընտանիքի անդամներ` Կարօ եւ Սեդա Ներետեաններ, ճարտ. դր. Նայիրի Համբիկեան: Պարբերականը եթէ ոչ ամբողջական, գէթ ընդհանուր գաղափար մը կու տայ հայ մարդու ներքին հզօրութեան մասին, որով ան յաղթահարեց Ցեղասպանութիւնը, հայրենազրկութիւնը եւ ցարդ կը փորձէ իբրեւ հայ վերապրիլ ու զարգանալ օտար հողի վրայ` առանց մեկուսանալու իր շրջապատէն եւ միշտ ծառայելով զինք հիւրընկալած երկրի եւ հասարակութեան յառաջընթացին ու վերելքին: Եւ իսկապէս ալ այս էր հրատարակիչներուն նպատակներէն մին` հայոց օրինակը կենդանացնել եւ ներկայացնել այս դժուար ժամանակներուն հայրենազրկման աղէտ դիմագրաւող ասպնջական արաբ ժողովուրդի զաւակներուն: Պարբերականի բովանդակութեան PDF ձեւաչափով կարելի է ծանօթանալ http://www.dalida.co կայքէն:

Սիմոն Վրացեանի «Խարխափումներ»-ը Եւ Արշակ Ջամալեանի «Յ. Քաջազնունին Եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը» Հատորներու Հրատարակութիւն

$
0
0

11904705_992339857463226_6181525848748774099_nխարխափ-1Հայկական ուսումնասիրութիւններու «Անի» կեդրոնին նախաձեռնութեամբ  վերահրատարակած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի «Խարխափումներ» հատորը (190 էջ) եւ հրատարակուած է Արշակ Ջամալեանի «Յովհաննէս Քաջազնունին եւ ՀՅ դաշնակցութիւնը» հատորը, որ առաջին անգամն ըլլալով լոյս կը տեսնէ:

«Խարխափումներ» հատորը լոյս տեսած էր 1924-ին Պոսթընի մէջ, արեւելահայերէնով եւ մեսրոպեան ուղղագրութեամբ: «Անի» կեդրոնը հատորը վերահրատարակած է արեւելահայերէնով, բայց` աբեղեանական ուղղագրութեամբ:

22222_021716

Վրացեանի հատորը պատասխան է առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի «ՀՅ դաշնակցութիւնն անելիք չունի այլեւս» գիրքին:

Արշակ Ջամալեանի «Յովհաննէս Քաջազնունին եւ ՀՅ դաշնակցութիւնը» հատորը որպէս յօդուածաշարք  տպագրուած է Պոսթոնի «Հայրենիք» ամսագիրի 1924 թուականի թիւերուն մէջ: Ջամալեանի հատորը պատասխան է առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի «ՀՅ դաշնակցութիւնն անելիք չունի այլեւս» գիրքին:

Գրքոյկներուն խմբագիրն է լրագրող Թաթուլ Յակոբեանը:

Հատորները լոյս կը տեսնեն «Լուսակն» տպարանէն:

Նոր Շունչ Ու Եռանդ` Աւագ Արեգականներու «Պեռնարտա Ալպայի Տունը » Թատրերգութեան Ընդմէջէն

$
0
0

20160205_213434

Ն. Բ.

Նախորդ շաբաթ «Ազդակ»-ին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին լիբանանահայ իրականութեան մէջ իբրեւ բեմադրիչ իր դերն ու ներդրումը ունեցած Ռոպերթ Առաքելեան, խօսելով ուրբաթ 19 եւ շաբաթ 20 փետրուարին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ «Արեգ»-ի աւագ սերունդէն անդամներուն կողմէ  լիբանանահայութեան հրամցուելիք Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքայի «Պեռնարտա Ալպայի տունը»  թատրերգութեան մասին` հաստատեց, որ աւագ արեգականները պէտք է ստեղծէին երիտասարդական նոր թատերախումբ մը, որ «Արեգի» եւ «Գ. Իփէկեանի» կապող օղակը ըլլալու պիտի կոչուի` իրեն հետ բերելով նոր շունչ, նոր գեղագիտութիւն, նոր եռանդ ու նոր ոգեշնչում:

Ճիշդ էր «Պեռնարտա Ալպայի տունը» թատերախաղի բեմադրիչն ու գեղարուեստական ղեկավարը, որովհետեւ «Արեգ»-ի մէջ թրծուած աղջիկները (բոլոր դերակատարները իգական սեռի կը պատկանին այս ներկայացման մէջ) իսկապէս նորութիւն բերելու եւ լիբանանահայուն նոր շունչ հաղորդելու առաջադրանքով բեմ կը բարձրանան յառաջիկայ օրերուն:

Այս տրամադրութիւնը շօշափելի դարձաւ նախանցեալ շաբաթավերջին, երբ ոչ սովորական քայլով ու նախաձեռնութեամբ մը Ռոպերթ Առաքելեանը աւագ արեգականներու փորձերէն մէկուն հրաւիրեց բեմադրիչներ, արուեստի աշխարհին, յատկապէս թատրոնին մօտիկ անձեր, լրագրողներ եւ այլ հիւրեր, որպէսզի դիտեն «Պեռնարտա Ալպայի տունը» թատերախաղի փորձը` առանց բեմայարդարումի, շպարի, զգեստներու, ամենայն պարզութեամբ` շեշտը դնելով միայն թատերական արտայայտչաձեւերուն եւ հմտութիւններուն վրայ:

20160205_204731

Հետաքրքրական փորձ-բաց դաս էր, հիւրերուն դիմաց դերասանական ասպարէզ մուտք գործելու հիմնական քայլերը առնող արեգականները բաւական ինքնավստահութեամբ ներկայացուցին թատերախաղը` իւրաքանչիւրը իրեն վերապահուած դերին առանձնայատկութիւնները լաւագոյնս դրսեւորելու ճիգով: Անոնք կը ներկայացնէին տարբեր նկարագիրներ, հոգեվիճակներ, որոնք շատ հեռու իրենց տարիքային ներաշխարհէն:  Աղջիկները, սակայն բաւական յաջող կերպով, եւ մանաւանդ լուրջ բեմադրութեամբ հանդէս եկան` իրենց վրայ հրաւիրելով ներկաներուն ուշադրութիւնն ու սպասողական վիճակի փոխադրելով զանոնք: Հետաքրքրական ներկայացում էր` երկու արարով, նորութիւն բերող յատկապէս դերակատարներուն ընդմէջէն, որոնք այս ներկայացմամբ կու գան Համազգայինի թատերական իրականութեան մէջ նոր էջ մը բանալու եւ յուսատու ճառագայթ ըլլալու:

Աւարտին բեմադրիչն ու աւագ արեգականները լսեցին ներկաներուն մատնանշումները, կարծիքները, տեսակէտները, իրենց կարգին լուսաբանութիւններ տալով եւ հետաքրքրական ու օգտաշատ զրոյց-քննարկումի առիթ ստեղծելով:

Լիբանանահայութիւնը ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը հրաւիրուած է ականատեսն ու վայելողը, մանաւանդ քաջալերողը ըլլալու աւագ արեգականներու այս անդրանիկ փորձին, որուն մէջ կան տարբեր պատգամներ, փորձառութիւններ ու իրավիճակներ: Ասիկա առիթ է անոնց հանդիսատեսին հետ կապ հաստատելու, բեմէն իրենց մարմնաւորած անձերուն մտածումներն ու հոգեվիճակները բնական ու անմիջական կերպով փոխանցելու ներկաներուն: Բարի երթ աւագ արեգականներուն, կը մնանք քաջալերող եւ ակնկալող:

 

 

Viewing all 13635 articles
Browse latest View live


Latest Images

<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>