Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 13201 articles
Browse latest View live

Ուշադի՛ր Փոքր Երկիրներէն

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Տէյվիտ Հըրսթ իր «Ուշադի՛ր եղէք փոքր երկիրներէն. Լիբանանը`ռազմադաշտը Միջին Արեւելքին» խորագրեալ գիրքին մէջ կը վերլուծէ, թէ ինչպէ՛ս փոքր երկիրներ ազդեցիկ ուժ ունին շրջանային քաղաքականութեան մէջ: Ըստ Հըրսթի, այսպիսի երկիրներ կ՛ազդուին շրջանային քաղաքական իրադարձութիւններէն եւ կ՛ազդեն անոնց վրայ: Քաղաքագէտին համաձայն, այսպիսի երկիրներ վտանգաւոր կը դառնան, եթէ շրջանային ռազմական եւ քաղաքական հաւասարակշռութիւնը խախտի, որովհետեւ այս խախտումը պիտի արտացոլայ երկրին ներքին քաղաքական կեանքին մէջ: Հետեւաբար երկրին ներքին քաղաքական հաւասարակշռութիւնը փոփոխութեան պիտի ենթարկուի, եւ ասիկա կրնայ բախումի տանիլ տարբեր համայնքային եւ քաղաքական ուժերու միջեւ:

Պահ մը մէկ կողմ դնենք Լիբանանի մէջ մեր քաղաքական փորձառութիւնը եւ սերտենք սուրիական տագնապը` 2011-էն մինչեւ օրս: Հակառակ այն իրականութեան, որ Սուրիա շրջանին մէջ ազդեցիկ ուժ էր նախագահ Հաֆեզ Ասատի տիրապետութեան տակ, եւ այս ազդեցիկութիւնը հետագային ալ շարունակուեցաւ, սակայն սահմանափակուեցաւ Լիբանանով եւ Կազայով իր զաւկին` Պաշշար Ասատի ժամակաշրջանին, սակայն սուրիական տագնապը 2011-էն սկսեալ դարձաւ փոխարինաբար մղուած պատերազմի դաշտ մը: Սուրիական տագնապը, որ սկսաւ խաղաղ ցոյցերով եւ ապա վերածուեցաւ զինեալ բախումներու, եւ այդ երկրին համայնքային կառուցուածքը օգնեց, որ շրջանային ուժեր, մասնաւորապէս` Իրանը, Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան, Քաթարը (սկզբնական շրջանին) եւ Իսրայէլը, տարբեր համայնքային, քաղաքական ու ռազմավարական հաշիւներէ մեկնած, ուզեն գերակշիռ դեր ունենալ «Նոր Սուրիոյ» վերակառուցման մէջ: Սուրիա դարձաւ շրջանային տագնապ մը, դադրեցաւ ներքին քաղաքական խնդիր մը ըլլալէ, եւ շրջանային լուծումի մը անկարելիութիւնը դուռը բացաւ, որ տագնապը միջազգայնանայ: Եւ հոս սուրիական ներքին գործօններն էին, որոնք միջազգայնացուցին այս հարցը, մասնաւորապէս` քիւրտերը, որոնք պահանջեցին ամերիկացիներու ռազմական ու քաղաքական միջամտութիւնը, եւ սուրիական կառավարութիւնը, որ խնդրեց Ռուսիոյ ռազմական միջամտութիւնը, որ հետագային ունեցաւ քաղաքական միջամտութեան բնոյթ, բան մը, որ հետագային որոշ չափով անհանգստացուց նոյնիսկ Սուրիոյ պետութեան դաշնակիցը` Իրանը: Սուրիական տագնապը այլեւս ներքին լուծում չունի, անիկա միջազգային խնդիր է, եւ անոր միակ լուծումը, ըստ ինծի, պիտի ունենայ Լիբանանի`Թաէֆի համաձայնութեան պէս «վախճան» մը, եւ երկիրը պիտի դառնայ արտաքին ու շրջանային ուժերու պատանդը, գոնէ` մինչեւ մօտիկ ապագայ:

Լիբանանը իւրայատուկ պարագայ չէ այս իմաստով: Քանի մը շաբաթ առաջ տեղի ունեցած զինեալ միջադէպը, քաղաքական անկայունութիւնը եւ հետզհետէ աւելի խորացող տնտեսական տագնապը լուծումի մը հասնելու համար կարիքը ունին միայն կախարդական փայտիկի մը: Այդ միջադէպը շատերուն յիշել տուաւ 1975-ի ներքին պատերազմի սկզբնական շրջանը, իսկ ուրիշներուն` 7 մայիս 2008-ի դաժան օրը: Արդեօք նախագահ ըլլալու համար պէտք է երկի՞ր մը այրել, արդեօք պէտք է խաթարե՞լ երկրի մը ներքին կայունութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ համայնքի մը շահերը առջեւ տանիլ: Ասոնք հարցումներ են,զորս կարելի է երկար քննարկել քաղաքական եւ փիլիսոփայական դիտանկիւնէ, սակայն անոնց վերջնական պատասխանը երկար ժամանակի կը կարօտի: Հըրսթի համաձայն, 2008-ի մայիսեան դէպքերը շրջանային քաղաքականութեան արտացոլացումներ էին լիբանանեան ներքին քաղաքական կեանքին մէջ:

Ներկայիս փորձեր կան, որ շրջանային հաւասարակշռութիւնը փոփոխութեան ենթարկուի, Սէուտական Արաբիա, Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ այս փորձերը կը կատարեն հարուածելու համար Իրանի շահերը, եւ գաղտնիք մը չէ, որ սկզբնական հարուածները հասցուին Սուրիոյ եւ Լիբանանին:

Yeghia.tash@gmail.com

 

 

 


Պարզւում Է` Փտածութիւնը Չի Վերացել

$
0
0

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ

Գրեթէ ամէն օր լրատուական աղբիւրներից տեղեկանում ենք փտածութեան բնոյթի յանցագործութիւնների բացայայտման, համապատասխան քրէական գործերի յարուցման մասին: Փաստը, բնականաբար, վկայում է այն մասին, որ փտածութեան մեր երկրում չի վերացել, չնայած որ այդ մասին, իշխանութեան ղեկը ստանձնելուց շատ չանցած, յայտարարեց երկրի նոր վարչապետը: Աւելի՛ն. հրապարակուող փաստերը վկայում են ընդամէնը երեւոյթի գոյութեան մասին, իսկ ինչպիսի՞ք են դրա ծաւալները, մենք դեռ չգիտենք:

Մանաւանդ որ իշխանափոխութիւնից եւ նոր իշխանութեան «սահմռկեցուցիչ» սպառնալիքներից յետոյ տրամաբանական կը լինէր, որ այս բնոյթի յանցագործութիւնների մէջ ներգրաւուողները գործէին շատ աւելի զգուշօրէն: Չնայած դրան` պարբերաբար լսում ենք նմանաբնոյթ յանցագործութիւնների բացայայտումների մասին:

Յուլիսի 17-ին, օրինակ, տեղեկատուութիւն հրապարակուեց այն մասին, որ սոյն թուականի առաջին կիսամեակում Սիւնիքի մարզում յարուցուել է փտածութեան բնոյթի 18 քրէական գործ: Մէկ մարզի օրինակն, ի հարկէ, որպէս վիճակագրական օրինաչափութիւն չի կարող դիտարկուել ողջ երկրի համար, սակայն որոշակի միտումներ բացայայտում է եւ արժէ հպանցիկ անդրադառնալ դրանց:

Տեղեկատուութիւնից պարզւում է, որ 18 յանցագործութիւններից 11-ը իրականացուել են պետական եւ տեղական ինքնակառավարման համակարգերում, մնացածից 4-ը ընկերային ապահովութեան, մէկական` կրթութեան, անտառների պահպանութեան եւ ջրօգտագործման զգայուն եւ, աւանդաբար փտածութեան յանցագործութիւնների ռիսքեր պարունակող ոլորտներում: Դարձեալ խուսափելով նախորդող նոյն ժամանակահատուածի յանցագործութիւնների հետ քանակական համեմատութիւնից` արձանագրենք, որ դրանց բնոյթը կարծես թէ մնացել է նախկինը:

Քանակական համեմատութեան հնարաւորութիւն ունենք աւելի ներքեւում` կարդալով, որ` «Նոյն ժամանակահատուածում քրէական հետապնդման մարմինների վարոյթում քննուել են փտածութեան բնոյթի 38 քրէական գործեր` նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածի 31-ի փոխարէն»: Այս թուերը մեզ յուշում են, որ նախորդ իշխանութեան օրօք էլ եղել է որոշակի պայքար փտածութեան դէմ, որի արդիւնքները նոյնպէս լայնօրէն լուսաբանւում էին, բայց դրանք, աւելի շուտ քարոզչական արժէք ունէին, քան թէ հետապնդում էին երեւոյթը արմատախիլ անելու նպատակ: Այդպիսին լինելու համար պատժիչ գործողութիւնները պէտք է ուղեկցուէին համալիր միջոցառումներով եւ համակարգային բարեփոխումներով, որոնք կ՛ընդգրկէին իրաւական, ընկերային, տնտեսական եւ այլ ոլորտներ` միտում ունենալով հարուածելու քաղցկեղի պէս հասարակական-պետական կեանքը շօշափուկների մէջ առած երեւոյթի արմատներին: Նոյնը կարելի է հաստատել նոր իշխանութեան դէպքում: Ի դէպ, այս պայքարի անկեղծութեան ու վճռակամութեան մասին է վկայում նաեւ այն փաստը, թէ յանցագործութիւնների բացայայտման գործընթացը որքանով վեր կը բարձրանայ ու կը թակի բարձրագոյն իշխանութեան դռները, որոնց ետեւում տրամաբանօրէն ու օրինաչափօրէն սկսում են «հոտել ձկների գլուխները»: Բայց անցնենք առաջ:

Հիմա փորձենք հասկանալ` ինչի՛ վրայ էր հիմնուած վարչապետի վերոնշեալ պատասխանատու յայտարարութիւնը, եւ որքանով էր այն հիմնաւորուած: Ինչի՞ վրայ էր հիմնուած` կարծես թէ պարզ է, մանաւանդ` գրեթէ մէկ տարի անց: Պարոն վարչապետը խոստանում էր, որ իր խմբակը ազնիւ է աշխատելու եւ սպառնում էր, թէ մեղանչողներին կը փռի ասֆալթին ու կը ծեփի պատերին: Չեմ հաշուել քանիսին է այդպէս դաժանօրէն պատժել, բայց փաստ է, որ փտածութիւնը վերացած չէ, եւ աւելի՛ն, դրա մէջ թաթախուած լինելու կասկածներ կան նաեւ բարձրագոյն պաշտօնեաների վերաբերեալ: Իսկ այն միջոցառումներն ու գործընթացները, որոնք պէտք է իրապէս վերացնէին երեւոյթը ծնող պատճառները, եւ որոնց մասին նշուեց վերեւում, ի հարկէ չեն իրականացուել եւ տեղի չեն ունեցել: Եւ այս փաստը անհրաժեշտ է մատնանշել ոչ թէ պարզապէս արձանագրելու համար վարչապետի բազմաթիւ պատասխանատու յայտարարութիւններից եւս մէկի անհիմն լինելու իրողութիւնը, այլ` փաստելու համար, որ պատճառը վերացնելու փոխարէն` մարդիկ ընկած են հետեւանքների ետեւից: Ընդ որում` ընտրովիութեան սկզբունքով: Ակնյայտ է, որ նոր իշխանութիւնը գայթակղուած է, որքան կարելի է շատ դատական գործեր յարուցելու կրքով, բայց երբ պէտք է նոյնքան եռանդով լծուի, օրինակ, ընկերային-տնտեսական իրավիճակի բարեփոխմամբ, երկրի ներքին մթնոլորտի առողջացմամբ, առանց որի` տապալուած են ներդրումների մասին նախընտրական շռայլ խոստումները, տեսանելի չէ: Փտածութեան երեւոյթի պարզ ու մատչելի բացատրութիւններից մէկը բանաձեւում է. «Փտածութեան անձնական կամ այլ շահադիտական նպատակով, տարբեր ձեւերով արտայայտուած (գործողութեամբ կամ անգործութեամբ) ի պաշտօնէ տրուած իշխանական լիազօրութիւնների չարաշահումն է: Փտածութիւն, որպէս վստահուած իշխանութեան չարաշահում, ունի մի շարք դրսեւորումներ եւ բազում «նրբերանգներ», որոնցից են կաշառակերութիւնը` կաշառք ստանալը, տալը, կաշառքի միջնորդութիւնը, կաշառքի շորթումը, հովանաւորչութիւնը, պաշտօնական դիրքի կամ կապերի չարաշահումը, պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելը կամ անցնելը, պաշտօնական կեղծիքը, պաշտօնական դիրքի օգտագործմամբ պետական սեփականութեան իւրացումն ու վատնումը, ինչպէս նաեւ` պաշտօնէական այլ չարաշահումները»: Հիմա անդրադառնանք, թէ արդեօ՞ք ամէն օր չենք լսում տարբեր փաստերի մասին, որոնք փտածութեան դրսեւորումներ են` ըստ վերաբերեալ իրաւական որակումների: Պարոն վարչապետը իր շուջը չի՞ նկատում, օրինակ, երեւոյթներ, որոնք այլ բան չեն քան` հովանաւորչութիւնը, պաշտօնական լիազօրութիւնների, դիրքի կամ կապերի չարաշահումը, պաշտօնական կեղծիքը եւ այլն: Թեմային առնչուող եւս մէկ հարցի մասին: Փտածութեան, պետական սեփականութեան իւրացումների ու թալանի բացայայտումից յետոյ իշխանութիւնը իւրատեսակ մէկ մօտեցում է դրսեւորում երբեմն` պատժական տնօրինումների փոխարէն մեղաւորներին պարտադրել (կամ առաջարկել) իւրացուած, անօրինական ճանապարհով ձեռք բերուած գումարները վերադարձնել պիւտճէ եւ ազատուել պատասխանատուութիւնից: Ի դէպ, վարչապետի տիկինը ժամանակին մէկ այլ առաջարկ արեց` դրանք փոխանցել իր տնօրինած բարեգործական հիմնադրամին: Եթէ սա պատժի ձեւ է, ապա` իւրօրինակ ձեւ, որը նաեւ փողերի լուացում է յիշեցնում: Գուցէ նաեւ ոմանց համար խրախուսիչ ելք նկատուի. կարելի է, օրինակ, գողանալ, իւրացնել, իսկ բռնուելու պարագայում` վերադարձնել: Քրիստոսի թուարկութեան առաջին դարի հռոմայեցի կայսր Վէսպասիանը հարկ էր սահմանել հասարակական զուգարանների վրայ եւ հիմնաւորել էր, որ` «Փողերը հոտ չեն արձակում»: Թեւաւոր խօսքի վերածուած այս արտայայտութիւնը չէ՞ որդեգրուած այս դէպքում` որպէս գործելակերպ: Կրկին վերադառնալով հիմնական թեմային` անդրադառնանք գլխաւոր հետեւութեանը. եթէ ցանկանում ես արմատական ու համակարգային բարեփոխումներ իրականացնել երկրում, ապա անհրաժեշտ է կատարել համարժէք արմատական ու համակարգային քայլեր, այլապէս այս րոպէական քարոզչական ազդեցութիւններ առաջացնող միջոցառումները, զգայացունց յայտարարութիւնները վաղ թէ ուշ բացայայտելու են իրենց սնանկութիւնը, ինչպէս` օճառի յօդս ցնդող պղպջակներ:

 

 

Լիբանանեան Օրագրութիւն (1)

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Ամբողջ գիշերը անդադար գրեցի: Գրեցի Լիբանան այցելութեանս օրագրութիւնը եւ առաւօտուն, երբ աչքերս բացի, նոր անդրադարձայ, որ երազ մըն էր, եւ բնականաբար ոչինչ յիշեցի այդ գրութենէս:

Մոռցած էի այդ «երազային» գրութեանս  բովանդակութիւնը, սակայն մտքիս մէջ տակաւին թարմ են Լիբանանի մէջ անցուցած երազային օրերս:

Օրագրութիւն պահելու սովորութիւն չունիմ, մասնաւորաբար երբ ընտանեկան արձակուրդով տարբեր վայրեր այցելենք: Դիմատետրի կամ այլ միջոցներով հանրութեան բաժնեկից դարձնելու սովորութիւն նոյնպէս չունիմ: Իմ անձնական յուշերովս չեմ ուզեր ձանձրացնել բարեկամներս, սակայն բացառաբար այս պարագային, սիրելի ընթերցողներուս բաժնեկից կ՛ուզեմ դարձնել Լիբանանի մէջ անցուցած 12 անմոռանալի եւ յուզումնալից օրերէն քանի մը հատը:

Բնականաբար զանց պիտի առնեմ անձնական պտոյտներս: Պիտի անդրադառնամ միայն դէպքերու եւ ձեռնարկներու, որոնց մէջ կ՛արտացոլայ լիբանանահայ կեանքը, լիբանանահայ ջերմութեամբ: Հակառակ ներկայիս գոյութիւն ունեցող տնտեսական սուր տագնապին` լիբանանահայութեան վիճակը, ապրելակերպը, հայ մամուլը, օրական 24 ժամ հնչող «Վանայ ձայն»-ը, որ դարձած է ո՛չ միայն լիբանանահայութեան, նաեւ աշխարհացրիւ սփիւռքի, նաեւ մայր հայրենիքի մէկ անբաժան մասնիկը:

Իմ անձնականս ըլլալով հանդերձ, բոլորովին անձնական  յուշեր չեն: Հանրութեան կը պատկանին: Լիբանանահայ կեանքն է, որ կը ներկայացուի հոն, ուր կը հանդիպինք այնպիսի ձեռնարկներու կամ դէպքերու, որոնց, կը կասկածիմ,  սփիւռքի որեւէ տարբեր երկրի կամ քաղաքի մէջ կարելի ըլլայ հանդիպիլ` այդքան ջերմութեամբ:

* * *

12 յունիս 2019-ին, արեւածագէն քանի ժամ առաջ, երկար եւ յոգնեցուցիչ ճամբորդութենէ ետք, կնոջս եւ տղուս հետ հասանք Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի» միջազգային օդակայանը: Օդակայան մը, որ իր արդիականութեամբ ոչ մէկ ձեւով կը տարբերի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի օդակայաններէն: Միակ տարբերութիւնը ջերմ ընդունելութիւնն է:

Ճամբորդած եմ շատ երկիրներ, սակայն չեմ գտնուած օդակայան մը, ուր այսքան հեզասահ ընթանայ «օտար զբօսաշրջիկի» մը մուտքն ու ելքը: Դիտումնաւոր կերպով չակերտեցի «օտար զբօսաշրջիկ» բառերը` տրուած ըլլալով, որ ծննդավայրս այցելեցի ամերիկեան անձնագիրով, ուստի ապահովութեան պաշտօնեային համար «օտար զբօսաշրջիկներ» էինք: Ինչպէ՞ս պիտի կռահէր, որ Լիբանանէն գաղթած  լիբանանահայեր էինք (ի բացառեալ զաւակէս, որ Ամերիկա ծնած «ամերիկացի» է):

Բնականաբար այս մէկը կը պարտինք զբօսաշրջութեան հայ նախարարին, յանձինս` Աւետիս Կիտանեանին, որ ժամանակաւորապէս իր գրասենեակը փոխադրած է օդակայան` մօտէն հետեւելու պաշտօնեաներու աշխատանքին: Մասնաւոր հեռաձայնի թիւեր տեղադրուած են տարբեր անկիւններ, ուր զբօսաշրջիկները իրենց դժգոհութիւնները (նաեւ` գնահատանքը) կրնան փոխանցել զբօսաշրջութեան նախարարութեան:

Օդակայանի ապահովութեան պաշտօնեային հետ քանի մը բառ արաբերէն փոխանակե՞լս էր պատճառը, թէ՞ լիբանանեան հիւրնկալութիւն: Հաւանաբար` երկուքը: Ո՛չ մէկ աւելորդ հարցուփորձ: Լիբանանեան իւրայատուկ եւ անկեղծ «Ահլան ուա սահլան»-ով դիմաւորուեցանք եւ կարճ ժամանակ ետք արդէն դուրսն ենք, սակայն այս անգամուան «Ահլան ուա սահլան»-ը տարբեր էր ներսինէն: Գարշահոտութիւնը զգալի էր, բայց այդ վայրկեանին ո՞վ կը մտածէր այդ մասին: Ոտք դրած էի սիրելի ծննդավայրիս հողին վրայ եւ հակառակ մօտաւորապէս չորս տասնամեակներ ծննդավայրէս հեռու բնակելուս` շատ աւելի լիբանանցի կը զգամ, քան` «ամերիկացի»:

Հասած ենք Պուրճ Համուտ: Ո՛չ գարշահոտութիւն կը հասնի քթիս, ոչ ալ աղբակոյտերու կը հանդիպիմ: Շնորհիւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ճիգերուն` այսօր հայկական այդ սքանչելի աւանը կարելի է դասել Լիբանանի ամենամաքուր շրջաններէն մին: Բնականաբար հոն չենք հանդիպիր Արեւմտեան Պէյրութի ծովեզերեայ շրջանի շքեղ շէնքերուն: Պուրճ Համուտ` իր նեղ ու աղմկոտ փողոցներով, իր պարզութեամբ, նաեւ` մաքրութեամբ, տարբեր հմայք մը ունի: Հոն անցուցած եմ պատանեկութեան եւ կանուխ երիտասարդութեան տարիներս:

Յունիս 13-ի առաւօտեան մուտք կը գործենք «Շաղզոյեան» կեդրոն: Նախ կը բարձրանամ առաջին յարկ, ուր կը դիմաւորուիմ «Ազդակ»-ի անձնակազմի սրտանց եւ ժպտուն «Բարի եկաք»-ներով:

Առաջին դիմաւորողը կ՛ըլլայ բոլորին սիրելի Նելլի Աբրահամեանը, որ մեզ կ՛առաջնորդէ խմբագիրներու բաժինը:

Չորս տարիներ անցած են այն թուականէն, երբ ծանօթացայ բոլորին անխտիր:

Դիմաւորողները «Ազդակ»-ի մեծ ընտանիքի անդամներն են: Ընտանիք մը, որուն մաս կազմելու պատիւը շնորհուած է ինծի 6 տարիներէ ի վեր: Մեծ ընտանիք մը, որուն գլխաւոր խմբագիրէն, մինչեւ «մայրիկներ»-ն ու ցրուիչները համահաւասար կը դասուին: «Ազդակ»-ի նշանաբանն է կարծես այդ մէկը: Սիրողական գրողէն մինչեւ ամէնէն նշանաւոր գրագէտին գրութիւններուն համահաւասար տեղ կը տրամադրուի: Վստահաբար «Ազդակ»-ի յաջողութեան մեծագոյն պատճառն է այս մէկը:

Պատասխանատու խմբագիր Նորա Բարսեղեանի ընկերակցութեամբ կը բարձրանանք  երկրորդ յարկ` «Վանայ ձայն»-ի սթիւտիոները:

Հազիւ մուտք գործած` մեզ կը դիմաւորէ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն, սիրելի բարեկամս` Վիգէն Աւագեանը, որուն բարեկամութիւնը կը վայելեմ աւելի քան 4 տարի է, երբ  կը վարէր Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան երկրորդական վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը: Ներկայիս ազգային վարժարանները հաւաքուած են արդիական մէկ յարկի տակ եւ կը կոչուին Ազգային Միացեալ վարժարան:

«Վանայ ձայն»-ի եթերէն գրեթէ ամէն օր կը հետեւիմ Հուրի Փափազեան-Էմմիեանի հարցազրոյցներուն, սակայն այսօր այդ պատիւը վերապահուած է Նորա Բարսեղեանին եւ համեստիս:

Մոռցած կը թուիմ ըլլալ, որ հազարաւոր ունկնդիրներ կը հետեւին մեր հարցազրոյցին, ո՛չ միայն «Վանայ ձայն»-ի կայանէն, այլ նաեւ անոր Դիմատետրի էջէն` ուղղակի սփռումի միջոցով: Ի՜նչ լաւ, որ հարցազրոյցը աւարտելէն ետքն էր, որ կը տեղեկանամ այդ մասին, եւ հաւանաբար այդ էր պատճառը, որ կը խօսիմ հանգիստ: Պրկուած չեմ, եւ այնքա՜ն հեզասահ կ՛ընթանայ մեր մտերիմ խօսակցութիւնը:

Լոկ հարցումներ եւ պատասխաններ չեն: Կը խօսինք մտերմաբար: Կարծես իրարու տուն այցելութեան գացած ըլլայինք: Հուրին ու Նորան իրենց շռայլ գովասանական խօսքերով կը ծանօթացնեն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի կողմէ  հրատարակուած «Յիշողութիւն ճամբորդութեան մէջ» հատորս, որուն շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ նոյն օրը երեկոյեան, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:

Հարցազրոյցին ընթացքին քանի մը խօսքով կը պատմեմ ոդիսականս, երբ Լիբանանի պատերազմի դաժան տարիներուն` 1981-ին հաստատուեցայ Լոս Անճելըս: Կը յիշեմ սկզբնական շրջանին անցուցած դժուար օրերս. նոր եւ անծանօթ միջավայր, գործի փնտռտուք: Կը յիշեմ յուսահատական վայրկեաններ: Լաւ ու վատ օրեր, սակայն բարեբախտաբար ռումբի ու զէնքի ձայներ չեն հասնիր ականջիս: Ձայներ, որոնք այնքա՜ն գէշ ազդած են վրաս:

Առաջին անգամն է, որ անձամբ կը ծանօթանամ Հուրիին, սակայն այն տպաւորութիւնը կ՛ունենամ, որ տարիներէ ի վեր իրարու ծանօթներ եւ մտերիմներ ենք: Պատճա՞ռը: Ամէնօրեայ սովորութիւն դարձուցած եմ, ամէն առաւօտ, նախքան գործի սկսիլս, արագ ակնարկ մը նետել հայկական օրաթերթերուն` «Ազդակ», «Ասպարէզ» եւ «Հայրենիք», որմէ անմիջապէս ետք, ընկալուչները ականջիս, աշխատած ժամանակս օրն ի բուն «Վանայ ձայն» կ՛ունկնդրեմ: Ծանօթ եմ Հուրիին «Բարեւ» յայտագիրին, կը հետեւիմ իր հետաքրքրական հարցազրոյցներուն:

Միեւնոյն օրը կը ծանօթանամ նաեւ ձայնի հաղորդավար Նաթալիին:

Աւելի ուշ կը ծանօթանամ Սարհատին, որ ծանօթ է իր «High tech» յայտագիրով,  նաեւ` քանի մը ընկերներով պատրաստած հայերէն ճոխ երգացանկով yerker.com Appով, ուր կարելի է գտնել բազմաթիւ հայերէն երգեր, եւ օրէ օր երգացանկը ընդլայնելու վրայ է: Յաջողութիւն, սիրելի՛ Սարհատ եւ ընկերներ:

Նոյն օրը երեկոյեան հատորիս շնորհահանդէսն է:

Շնորհահանդէսին սկսելէն մօտաւորապէս կէս ժամ առաջ հասած ենք «Շաղզոյեան» կեդրոն: Կնոջս եւ տղուս հետ նախ մուտք կը գործենք «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր ընկեր Շահան Գանտահարեանին գրասենեակը` միասնաբար առաջնորդուելու «Փիւնիկ» սրահ, ուր տեղի պիտի ունենայ շնորհահանդէսը:

Շատ չանցած` անակնկալ մուտք կը գործէ կողակիցիս զարմիկը` հալէպահայ յօդուածագիր Աւօ Գաթրճեանը, որուն անձամբ առաջին անգամ ըլլալով կը ծանօթանամ, սակայն իրարու հետ երկար տարիներ բազմիցս նկար-հեռաձայնով այնքա՜ն խօսած ենք: Անծանօթներ չենք: Աւօ Գաթրճեանը Սուրիոյ դաժան տարիներուն մնաց  մի՛շտ պատնէշի վրայ եւ առաջին անգամն է, որ քանի մը օրով կ՛այցելէ Լիբանան: Եկած է ներկայացնելու դոկտ. Վահէ Թաշճեանի «Օրագիր Եղեռնի ու պայքարի. Շողակաթի մահը Սալամիայի մէջ» գիրքը, որուն շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենար գիրքիս շնորհահանդէսին յաջորդ օրը:

Իրար ետեւէ մուտք կը գործեն սրբազան հայրեր` Եփրեմ արք. Թապագեանը եւ Շահան արք. Սարգիսեանը: Առաջինին բարեկամութիւնը կը վայելեմ տարիներէ ի վեր, իսկ վերջինին` առաջին անգամ ծանօթանալու պատիւը:

Կարճ ժամանակ ետք աթոռները անբաւարար են:

Ընկեր Շահան Գանտահարեանին գրասենեակը վերածուած է հանրածանօթ դէմքերու ժամադրավայրի: Պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան, Լիբանանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ,  երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Յունաստանէն յատկապէս այս առիթով ժամանած հասարակական գործիչ Միհրան Քիւրտօղլեան, որ պիտի ներկայացնէ հատորս, կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան, Ճեմարանի նախկին տնօրէն, ճեմարանական բարեկամս` Տիգրան Ճինպաշեան, Նազարէթ Սապունճեան, եւ շարքը երկար է: Մոռցած կը թուինք ըլլալ, որ շնորհահանդէս մը տեղի պիտի ունենայ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, երբ յանկարծ դուռը կը զարնուի` յիշեցնելու, որ արդէն իսկ սրահը ծայրէ ծայր լեցուած է գրականասէր հանդիսատեսներով:

Շահան Գանտահարեանին ընկերակցութեամբ անմիջապէս կ՛ուղղուինք սրահ:

– Տոքթորին քով նստէ, խնդրեմ,- կը յուշէ «առաջնորդս», եւ ես կը գրաւեմ առաջին շարքի վրայ նշուած աթոռս: «Տոքթոր»-ը ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ հանրածանօթ հայագէտ Արմենակ Եղիայեանը, որուն կ՛անդրադառնամ աւելի ուշ:

Աջիս հատորիս խմբագիր դոկտ. Արմէն Իւրնէշեալն է, որուն նմանապէս առաջին անգամ ծանօթանալու պատիւը կը վայելեմ:

Շնորհահանդէսին սրտի խօսքեր արտասանողները թիւով շատ են, սակայն բոլորը անխտիր կը յարգեն իրենց վերապահուած ժամանակի սահմանը:

Ժագ Յակոբեանի նախաբանին կը յաջորդէ Նորա Բարսեղեանի այնքա՜ն սրտաբուխ խօսքերը` շեշտելով, որ «Ազդակ»-ի հետ կապս մի՛շտ եղած է անկեղծ եւ ջերմ:

Յունաստանէն յատկապէս այս առիթով Լիբանան գտնուող կրթական-հասարակական գործիչ Միհրան Քիւրտօղլեան հատորը կը ներկայացնէ այնքա՜ն բծախնդրութեամբ, մէջբերումներով եւ հիւմուրով:

Խօսք կ՛առնէ դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանը, իսկ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, լոնտոնաբնակ Սելլա Թնճուկեանին խօսքը կը կարդայ Սալբի Խաչատուրեան-Աւետիսը:

«Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեանը իր ողջոյնի խօսքը ունի: Աշխատակցած ենք միասին, եւ արդէն իսկ սկսած է մեր երկրորդ յայտագիրը, որ կը ձայնասփռուի ամէն չորեքշաբթի:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հետեւեալ բառերով կ՛եզրափակէ իր սրտի խօսքը.

«Սիրելի՛ Պօղոս, սրտի խորքէս կ՛ուզեմ հարց տալ: Չե՞ս ուզեր Լիբանան ապրիլ այլեւս: Եկո՛ւր հոս, մնա՛ հոս, եւ մենք քու մեծ ընտանիքդ ենք»:

«Մենք քու մեծ ընտանիքդ ենք»: Անոր ո՛չ մէկ կասկած, շա՜տ սիրելի ընկեր Բագրատունի: Լիբանանէն տասնեակ հազարաւոր մղոններ հեռու, ամէն օր, ամէն վայրկեան Լիբանան կը գտնուիմ: Առաւօտները լիբանանահայութեամբ կ՛արթննամ, իսկ երեկոները լիբանանահայութեան յուշերով կը մտնեմ անկողին: Փաստը` լիբանանահայութեան մասին բազմաթիւ գրուած ու նաեւ գրուելիք նիւթերս են: Փաստը` ամէն առաւօտ գործի հասնելուս, օրս կը սկսի «Ազդակ»-ով ու կը շարունակուի «Վանայ ձայն»-ով: Լիբանանեան քաղաքական եւ մշակութային լուրերով,  հարցազրոյցներով, հայրենիքէն ժամանած արուեստագէտներով:

Ճիշդ է, որ մարմնով կը գտնուիմ Լոս Անճելըս, սակայն հոգիս կը գտնուի Լիբանան:

«Հոգիս սակայն կը յիշէ՛ քեզ,
Ո՛վ ծաղկաւէտ գիւղիս ճամբան (այս պարագային` սիրելի Լիբանանս):

Ռուբէն Որբերեան

Խօսելու կարգը իմս է: Արձանագրած եմ քանի մը նոթեր, որոնց մեծամասնութիւնը, յուզումէս, չկրցայ յիշել: Կը յիշեմ վերջին նախադասութիւնս:

«Շնորհակալութիւն»: Բառ մը, որ յաճախ կը գործածենք մեքենաբար, սակայն այսօուան շնորհակալութիւնը տարբեր է օրական բազմիցս գործածուածներէն: Երախտագիտութիւն կայ այսօրուանին մէջ, որ կու գայ սրտիս խորքէն»:

Եփրեմ արքեպիսկոպոս կը փրկէ կացութիւնը` նշելով, որ` «Այնքան յուզուելու կարիքը  չունիս, սիրելի՛ Պօղոս», եւ քանի մը բառով կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս եղած է ընթացքը նման գիրքի մը հրատարակութեան, որուն առաջարկը իր կողմէ ներկայացուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին, ապա` «Ռիչըրտ Քարօլայն» հիմնադրամին, եւ` գիրքի ծննդոցին, որմէ անմիջապէս ետք հատորիս գինեձօնն է:

Քրիստոնէական աւանդութեամբ, երեխան կը մկրտուի սուրբ միւռոնով, իսկ նոր հրատարակուած հատոր մը` գինիով, որմէ ետք մեծ գոհունակութեամբ եւ հաճոյքով կը մակագրեմ բազմաթիւ գրասէրներուն, որոնք եկած են քաջալերելու իրենց նախկին լիբանանահայը, նախկին ճեմարանականը, երկար տարիներու բարեկամը եւ հարազատը:

Անծանօթ անձեր կը մօտենան եւ կը յիշեցնեն իրենց անունն ու մականունը.

– Փաուլա Եղիայեան,- կը յուշէ երիտասարդ տիկին մը: Կանգ կ՛առնեմ: «Անծանօթ», սակայն ծանօթ անուն մըն է: Իմ շատ սիրելի դպրոցիս, Ճեմարանի տնօրէնուհին, որուն անձամբ կը ծանօթանամ եւ կը մակագրեմ գիրքին մէջ, որուն կողքին վրայ բազմած է Ճեմարանի «փոստա»-ին նկարը: Որուն առաջին պատմուածքը եղած է «Ճեմարանի փոստան», եւ այդ «փոստա»-ով մուտք գործած եմ գրական աշխարհ:

Տիկին Եղիայեանին կողմէ կը հրաւիրուիմ այցելելու այն դպրոցը, որ եղած է կեանքիս մէկ մասնիկը, սակայն պայմաններու բերումով փոխադրուած է արեւելեան Պէյրութ, եւ նոր նուիրատուներու անունով կը կոչուի «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան»: Ի՞նչ տարբերութիւն: Նախապէս կը կոչուէր «Նշան Փալանճեան Ճեմարան», իսկ ներկայիս մկրտուած է նոր անունով: Ան կը մնայ «Մեր բոլորին ուխտավայր Ճեմարանը»:

«Քեզ կերտեցին առաքեալներ մեծանուն,
Գաղափարի իբրեւ տաճար անսասան»:

Մ. Իշխան

Թէեւ այս աշխարհէն հեռացած են այդ տաճարի հիմնադիրները` Լեւոն Շանթը, Աղբալեանը, տնօրէններէն` Սիմոն Վրացեանն ու Հրաչ Տասնապետեանը, մեր սիրելի ուսուցիչներէն` Գառնիկ Բանեանն ու Մուշեղ Իշխանը, «Սըր»-ը, բայց փոխարինուած են երիտասարդ նոր ուժերով, իսկ մեր սերունդի ուսուցիչներուն կիսանդրիները բազմած են Ճեմարանի մուտքին:

Շնորհահանդէսը հասած է իր աւարտին:

«Այսքան սէր ու յարգանք թէ մոռանամ  ես  մի օր …
Թող ողջ աշխարհ ինձ կարդայ նախատինք»:

Լոս Անճելըս, 2019
(Շար. 1)

 

Պարսկահայքի 1918-ի Հայոց Ջարդերու Վաւերագրումը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

Օսմանեան պետութեան գործադրած Հայոց ցեղասպանութեան ծիրին մէջ կատարուած` Պարսկահայքի 1918-ի հայոց ջարդերուն մասին հազուադէպ ակնարկութիւններ եւ աւելի նուազ անդրադարձներ գոյութիւն ունին` բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացուած ըլլալով Հայաստանի արեւմտեան հատուածի եւ Կիլիկիոյ կոտորածներուն եւ բռնագաղթին վրայ: Դոկտ. Ռոզմարի Յարութիւնեան-Քոհեն մէկն է անոնցմէ, որ Պարսկահայքի 1918-ի հայոց ջարդերը վաւերագրած է իր մեծ մօր ոդիսականը ներկայացնելով` «Վերապրած խոյեցի Արուսեակը» խորագրեալ յուշագիրքով, պարսկերէն, որ թարգմանուած է հայերէնի Արա Յ. Աւէնիսեանի կողմէ եւ խմբագրուած է դոկտ. Սամուէլ Մուրատեանի կողմէ. լոյս տեսած է «Լիմուշ» հրատարակչատունէն, Երեւան, 2011, փոքր չափի 224 էջ, զոր ներկայացուցած եմ իմ պատրաստած «Վկայարան Հայկական ցեղասպանութեան» հատորաշարքի Գիրք Ե., Պէյրութ, 2013, էջ 242-ի մէջ:

Դոկտ. Ռոզմարի Յարութիւնեան-Քոհեն վերոնշեալ հատորի լոյս տեսնելէ ութ տարի ետք` 2019-ին, Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքի «Լիքօ» հրատարակչատունէն լոյս ընծայած է իր հեղինակած «Ձայներ թաքցուած ցեղասպանութենէն. 1918 (Պարսկաստան-Իրանի մէջ հայոց դէմ թրքական կոտորածներու պատումներ)» խորագրեալ 409 էջնոց անգլերէն յուշագիրքը, տպագրուած` Չինաստան (Voices from the Hidden Genocide, 1918, Stories of the Turkish Massacre of Armenians in Persia-Iran, Lico Publishing. Los Angeles, California, first edition, printed in China): Հեղինակը ինը գլուխներու մէջ կը նկարագրէ այդ շրջանի կարգ մը վերապրող ականատես վկաներու յուշերը:

Դոկտ. Ռոզմարի Յարութիւնեան-Քոհեն յուշագիրքի յառաջաբանին մէջ Պարսկահայքի հայասպանութեան մասին կը խորհրդածէ եւ ընդհանուր գիծերու մէջ կը բացատրէ անոր պատճառները: 1918-էն առաջ, Ա. Համաշխարհային պատերազմին մասնակից պետութիւններու աչքը Պարսկաստանի վրայ էր, հակառակ այն իրողութեան, որ վերջինս պատերազմին չէզոք դիրք բռնած էր: Ռուսիա կը ձգտէր հարաւի տաք ջուրերը իջնել եւ անոր նաւահանգիստները օգտագործել: Մեծն Բրիտանիա իր ախորժակը սրած էր Պարսկաստանի հարաւարեւմտեան շրջանին մէջ գտնուող նաւթահորերուն տիրանալու, դէպի Հնդկաստան երթեւեկող իր նաւերուն վառելանիւթ հայթայթելու նպատակաւ, այդպիսով, ցամաքի ճամբով ապահովելու Հնդկաստանի հետ իր կապերը: Նկատելով, որ Պարսկաստան հետզհետէ կը դառնար ճարտարարուեստական երկիր մը, Գերմանիա կը ձգտէր իր արդիւնաբերական յառաջացած մեքենաներն ու սարքերը սպառել պարսկական շուկային մէջ եւ փոխարէնը` ապահովել հսկայական շահեր: Ֆրանսացիները, պելճիքացիներն ու հոլանտացիները կը ձգտէին իրենց արդիւնաբերական ապրանքներով (շաքար, ծխախոտ եւ հեռագրական գործիքներու եւ ցանցերու հաստատում) ու առեւտրա-վարչական ծառայութիւններով գոհացում տալ պարսկական շուկային` նիւթական կարեւոր շահերու դիմաց (էջ 17-18):

Այս բոլորին մէջ, ըստ հեղինակին, Միացեալ Նահանգները այդ տարիներուն Միջին Արեւելքի մէջ աւելի մարդասիրական դեր կը կատարէին, քան` քաղաքական կամ առեւտրական: Անոնք ամէն ազգի եւ կրօնի որբերուն զանազան տեսակի օգնութիւններ կը հասցնէին, որբանոցներ կը կառուցէին, որբեր կը հաւաքէին եւ կը կերակրէին զանոնք, դպրոցներ ու ուսումնարաններ կը բանային անոնց համար: Ամերիկացիները կը գործէին միսիոնարական միութիւններու միջոցով: Միացեալ Նահանգներու վարչամեքենան քաղաքականութեան եւ առեւտուրի մէջ նուազ փորձառու էր, քան` իր եւրոպացի դաշնակիցները, որոնք դարերու փորձառութիւն ձեռք ձգած էին գաղութատիրական հարցերու մէջ եւ աւելի շահադիտական անկիւնէ նայելով կը գործէին ամէնուրեք, մանաւա՛նդ` Միջին Արեւելքի մէջ (էջ 18):

Երբ ցարական ուժերը Ռուսիոյ մէջ համայնավար յեղափոխականներէ պարտութիւն կրեցին, եւ երկիրը անցաւ վերջիններուս ձեռքը, ինչպէս` բոլոր ճակատներու վրայ, Իրանի եւ  Պարսկահայքի մէջ ծառայող ռուս զինուորները նահանջեցին ու վերադարձան իրենց տուները: Անոնց մեկնումէն ետք Պարսկահայքի հայերն ու ասորիները անպաշտպան մնացին: Օսմանեան բանակը անմիջապէս տարածուեցաւ Խոյի շրջանին մէջ` տեղւոյն քրիստոնեաները եւ մանաւա՛նդ հայերը բնաջնջելու թրքական կանխամտածուած եւ նախապատրաստուած ծրագիրը ի գործ դնելու շրջանի քիւրտերուն օգնութեամբ, ճիշդ այնպէս` ինչպէս գործադրեցին Հայաստանի արեւմտեան հատուածի եւ Կիլիկիոյ ջարդերը: Այս պարագային, միակ տարբերութիւնը այն էր, որ օսմանցիները իրենց պետութեան սահմաններէն դուրս կը կատարէին մարդկութեան դէմ մեծագոյն ոճիրներէն մէկը` հայասպանութիւնը: Թուրքերը լաւ գիտէին, որ դաշնակից պետութիւնները զբաղած էին պատերազմի հարցերով: Պարսիկ ղեկավարութիւնը իր կեդրոնին մէջ նստած` ո՛չ ուժը ունէր եւ ո՛չ ալ քաղաքական կամքը` իրեն հպատակ քրիստոնեաներն ու հայերը պաշտպանելու: Խոյի շրջանին մէջ թուրքերը ունէին իրենց մեղսակից օգնական քիւրտերը` շնորհիւ շահաք ցեղախումբին, որոնց ղեկավարը` Սմկօ Շահիք, վայրենի բնազդով թուրքերու հաւատարիմ ծառայ մըն էր` վասն կողոպուտի եւ մարդասպանութեան: Սմկոյի զինեալ ասպատակները կը սկսին քրիստոնեաները եւ մանաւա՛նդ հայերը նեղել, խոշտանգել, առեւանգել եւ իրենց տուներէն տեղահան ընելով` անոնց ինչքերուն եւ ստացուածքներուն տիրանալ: Անոնք նոյնիսկ իսլամ պարսիկներ ալ կը կոտորեն կողոպուտի եւ քմայքի սիրոյն: Թուրքերը որոշած էին յարձակիլ եւ գրաւել Խոյը եւ ջարդել տեղւոյն հայերը:

Այդ օրերուն Խոյի հայութեան վիճակը ողբերգական կը դառնայ: Հայ կանայք ժամերով ուտելիքի կը սպասէին շուկային մէջ, համաճարակներ տարածուած էին, տարեցներ ու մանուկներ կը մահանային մեծ թիւով: Բարեացակամ իսլամ պարսիկներ գեղեցիկ հայուհիները իրենց տուները կը տանէին` զանոնք չար աչքերէն թաքցնելու համար: Թուրք զինուորները (ասկեարները) հայ կիներ ու աղջիկներ կ՛առեւանգէին, կը բռնաբարէին եւ կը սպաննէին: Թուրքերու քաղաք մուտքին, իրենց ձերբակալած հայ այրերը լեռները տանելով` կոտորած էին: Հեղինակը կ՛ըսէ, որ Պարսկաստանի կառավարութիւնը ոչ մէկ ճիգ կը թափէր հայերը պաշտպանելու, քանի որ անոր համար բաւ էր, որ վարչակարգը զերծ մնար թուրքերու չարիքէն… (էջ 19):

1915-1918 թուականներուն թուրքերու իրագործած հայասպանութիւնը կատարուած չէ միայն Հայաստանի արեւմտեան հատուածին, Կիլիկիոյ եւ ընդհանրապէս օսմանեան պետութեան սահմաններուն մէջ, այլ նաեւ տեղի ունեցած է հոն, ուր որ թուրք զինուորը իր պիղծ ոտքը կոխած է, ներառեալ` Հայաստանի արեւելեան հատուածին, Վրաստանի զանազան շրջաններուն եւ Պարսկահայքի մէջ, որ այդ տարիներուն եւ մինչեւ օրս  կը գտնուի պարսկական գերիշխանութեան տակ: Այս իրականութեան մասին դժբախտաբար հայկական պատմագիտութեան եւ ընդհանրապէս հայկական միջավայրին մէջ թիւրիմացութիւն գոյութիւն ունի, քանի որ այդ մասին շատ քիչ խօսուած է:

Արդարեւ, իրաւացի է «Վերապրած խոյեցի Արուսեակը» յուշագիրքի հեղինակը իր նախաբանին մէջ, ուր կ՛ըսէ. «Քիչ թիւով մարդիկ են տեղեակ այն իրականութեան մասին, որ օսմանցիները այդ եղեռնը իրականացրել են ոչ միայն իրենց երկրում (օսմանցիներու «երկրի»-ն մեծագոյն մասը ուրիշ ժողովուրդներու հայրենիքն է. Յ. Ի.) այլեւ` հարեւան երկրների հողի վրայ»,   ինչպէս որ նշած եմ «Վկայարան հայկական ցեղասպանութեան» հատորաշարքի Գիրք Ե., Պէյրութ, 2013, էջ 242-ի մէջ: Մէկ խօսքով, թուրքերու կողմէ հայոց բնաջնջումը կատարուած է նաեւ հայոց հայրենիքի` Հայկական Լեռնաշխարհի անխտիր բոլոր շրջաններուն մէջ` առանց բացառութեան, ինչ որ յաւելեալ ապացոյց է, որ հայաջնջման ծրագիրի վերջնական նպատակը հայութիւնը վերացնելն էր իր հազարամեակներու հայրենիքին մէջ:

 

Պէյրութ

Ջաւախքի Կարգ Մը Գիւղերու Եկեղեցիները Պիտի Վերանորոգուին

$
0
0

«ՓԱՆՈՐԱՄԱ»

Վրաստանի Կրօնի հարցերու գործակալութիւնը թոյլատրած է Ջաւախքի Տուրցխ, Կորխ, Օլաւերտ, Վաչիան, Գոման գիւղերու եկեղեցիներու վերանորոգման եւ կառուցման աշխատանքները: Այս փուլին Ախալքալաքի քաղաքապետարանը նշեալ եկեղեցիներու նախագիծները հաստատման ներկայացուցած է Վրաստանի Մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գործակալութեան:

Ըստ Ջաւախքի Կրօնի հարցերու գործակալութեան ներկայացուցիչ Էլվարտ Զազածէի` գործակալութիւնը արդէն արտօնած է Ախալքալաքի շրջանի Տուրցխ, Կորխ, Օլաւերտ եւ Գոման գիւղերու եկեղեցիներու վերանորոգման եւ Վաչիանի եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքները:

Ախալքալաքի փոխքաղաքապետ Արմէն Մառանգոզեանը նշեց, որ թոյլտուութիւնը ստանալէ ետք քաղաքապետարանը Վրաստանի Մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գործակալութեան հաստատման ներկայացուցած է Կորխ, Վաչիան եւ Օլաւերտ գիւղերու եկեղեցիներու վերականգնման եւ կառուցման նախագիծները: Այժմ վերոնշեալ գիւղերուն մէջ կը սպասեն, որ Մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գործակալութիւնը հաստատէ իրենց եկեղեցիներու վերակառուցման նախագիծները, որպէսզի սկսին աշխատանքներուն:

Կորխ գիւղի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ վերականգնողական աշխատանքները սկսած էին 10 մայիսին, երբ գիւղացիները փորձած էին թոյլտուութիւն ստանալ եւ չէին ստացած զայն: Քանի մը տարի է` անոնք գումար կը  հաւաքեն եւ որոշած են այս տարի սկսիլ շինարարութիւնը, որովհետեւ եկեղեցւոյ պատերը արդէն քանդուած էին: Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ազգային գործակալութիւնը տեղեկանալով առանց թոյլտուութեան վերականգնման մասին`  նախազգուշացուցած էր, այնուհետեւ վարչական պատասխանատուութեան ենթարկած Իւրիկ Ծառուկեանը, որուն տուեալները գրուած են Կորխի բնակիչներուն անունով գործակալութեան ուղղուած նամակին մէջ: Այժմ աշխատանքները կանգ առած են:

 

 

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. «Զարգանալ` Չզիջելով» Գաղափարն Առանցքային Է

$
0
0

Արցախի ներքաղաքական դաշտը լարուած է: Յատկապէս Սամուէլ Բաբայեանի թեկնածութեան առաջադրման համար սահմանադրական փոփոխութիւնների նպատակով ստորագրահաւաքը քաղաքականացրել է Արցախի իւրաքանչիւր բնակավայրի առօրեան: Լարուածութիւնն ակնառու է յատկապէս այն բանից յետոյ, երբ Սամուէլ Բաբայեանը յայտարարեց, որ չի սպասելու ստորագրահաւաքից յետոյ օրէնքով նախատեսուած ընթացակարգով հարցերի զարգացմանը. դրան զուգահեռ փորձելու է իր կողմնակիցներին հրապարակում հաւաքել` ճնշում բանեցնելու պատկան մարմինների վրայ:

Նախագահական աթոռի համար մրցապայքարը շատ աւելի շուտ է սկսել` դեռեւս 2018 թուականից: Ստեփանակերտի ինքնաշարժների կայանի շրջակայքում տեղի ունեցած հաւաքներից յետոյ գործող նախագահը յայտարարեց, որ մտադիր չէ 2020-ին առաջադրուել որպէս նախագահի թեկնածու: Այդ պահից յետոյ նախագահի թեկնածուի փնտռտուքը թէ՛ պետական օղակներում, թէ՛ հասարակութեան մօտ նկատելի էր: Մասամբ ընկալելի էր նման փնտռտուքի պատճառները: Դա բխում է պետական համակարգի կենտրոնաձիգ էութիւնից, իսկ գործող սահմանադրութեամբ այդ կենտրոնացուածութիւնն աւելի է շեշտւում: Մի երեւոյթ, որին բազմիցս դէմ է արտայայտուել Դաշնակցութիւնը եւ զգուշացրել այդ համակարգի արդիւնքում առաջացող վտանգների մասին: Ինչեւէ, ունենք այն, ինչ ունենք:

Մէկ այլ հանգամանք, որի պատճառով թափ է տրւում լարուածութեանը, իշխանութեանը մաս կազմող ղեկավար անձանց պատասխանատուութիւնից խուսափելն է: Ապրիլեան իրադարձութիւնները առիթ տուեցին, որ արմատական բարեփոխումներ իրականացուեն: Սակայն իշխանութիւնը չփորձեց լրջութեամբ իրականացնել բարեփոխումներ: Մեզ համար անհասկանալի է, երբ տարիներ շարունակ կառավարութեան ղեկը ստանձնած եւ Ազգային ժողովում մեծամասնութիւն ունեցող կուսակցութեան ղեկավարը բարեփոխումների իրականացման շեմին հրաժարական է տալիս եւ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով սկսում քննադատել իշխանութեանը: Այդ երեւոյթը ստեղծել է իշխանութեան տրոհման մթնոլորտ, որից հնարաւորութիւն ունի օգտուել իւրաքանչիւրը:

Վերջին ամիսներին ականատես եղանք նաեւ իշխանութիւնը ներկայացնող տարբեր անձանց` նախագահի թեկնածու առաջադրուելու մտայնութեան մասին յայտարարութիւններին, որոնք տարբեր հարթակներում քննարկումների նիւթ դարձան: Սա եւս անորոշութիւնն ու տրոհման մթնոլորտը աւելի շեշտակի դարձրեց: Սամուէլ Բաբայեանի կողմից կազմակերպուած ստորագրահաւաքի մասնակիցները առաւելապէս դժգոհ են իշխանութիւնների վարած ընկերային քաղաքականութիւնից, որի ալիքի վրայ յենուելով` Ս. Բաբայեանը կարողացել է զգալի չափով ստորագրութիւններ հաւաքել: Միւս ճամբարում ստեղծուած անորոշութիւնն ու տրոհման մթնոլորտը անուղղակիօրէն թափ հաղորդեցին ստորագրահաւաքի կազմակերպմանը:

Դաշնակցութեան համար, որպէս կայուն զարգացման կարեւորագոյն ազդակ, առաջնային է օրէնքի գերակայութիւնը: Արցախում քաղաքական անցեալ ունեցող իւրաքանչիւր անձ դեռեւս չի մոռացել Սամուէլ Բաբայեանի իշխանութեան օրօք ստեղծուած ապօրինութիւնների մթնոլորտն ու պետականութեան հիմքերը խարխլող երեւոյթները: Մեր երկրում տիրող իրավիճակը մտահոգիչ է:

ՀՅԴ Արցախի 24-րդ Շրջանային ժողովը քննարկել է ստեղծուած իրավիճակը եւ ներկայացրել հանգուցալուծման իր տեսլականը: Դաշնակցութեան համար «Զարգանալ` չզիջելով» գաղափարն առանցքային է: Առանցք, որի շուրջ կոչ է անում համախմբուել, կոչ է անում` ձերբազատուել անհատական եւ նեղ շրջանակային շահերից եւ միասնական օրակարգ ձեւաւորել հիմնական հարցերի շուրջ:

17 յուլիսի 2019թ.

«Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Ազգ. Վարժարանի Աշակերտները Պատրաստեցին Ու Հրատարակեցին Իրենց Թերթերը

$
0
0

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Հայ մամուլի առաքելութիւնը պահպանելու շրջագիծին մէջ «Ազդակ» կը մնայ պատնէշի վրայ եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որ այդ առաքելութիւնը լաւագոյն կերպով շարունակուի:

Այս նպատակը իրագործելու համար «Ազդակ» 2017-էն ի վեր ծրագրած է հիմնական աշխատանքի մը` «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին, որ լրագրութեան վարժողական ծրագիր մըն է եւ կը միտի պատրաստել երիտասարդ աշխատակիցներ, որոնք պիտի շարունակեն մամլոյ աշխատանքը:

«Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրի գործադրութեան զուգահեռ, «Ազդակ» դեկտեմբեր 2018-ին յատուկ փորձառութիւն մը ունեցաւ նաեւ Այնճարի «Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան» ազգային վարժարանին հետ: Գործակցութիւնը կատարուեցաւ, երբ դպրոցի հայոց լեզուի դասատու Նանոր Պետրոսեան «Ազդակ»-ի խմբագրութեան առաջարկեց թղթակցութիւն պատրաստելու մասին յատուկ դասախօսութիւն մը կազմակերպել դպրոցի Է. եւ Ը. դասարանի աշակերտներուն, նկատի ունենալով, որ այդ դասարաններուն կրթական տարեկան ծրագիրը կ՛ընդգրկէ այդ նիւթը:

Այնճարի մէջ արդէն իսկ մամուլի աշխատանոցի մը եւ վարժանիստերու շարքի մը մասին մտածող «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը անմիջապէս ընդառաջեց առաջարկին եւ թղթակցութեան մասին դասախօսութիւնը կատարուեցաւ Նոր տարուան նախօրեակին:

Թղթակցութեան մասին աշակերտներուն լսած դասախօսութիւնը, ուսուցչուհիին հետեւողական աշխատանքները վերածուեցան իսկական լրագրութեան` բառին բուն իմաստով թղթակցութիւն կատարելու եւ հասան մինչեւ թերթերու պատրաստութեան ու հրատարակութեան:

Աւելի ուշ այդ թերթերն ու թղթակցութիւնները հասան «Ազդակ» եւ մեծ խանդավառութիւն ու գոհունակութիւն պատճառեցին խմբագրութեան, որ սկսաւ աւելի լուրջ քայլեր ծրագրել` Այնճարի մէջ լրագրութեան վարժողական դասընթացքներ կազմակերպելու առումով:

Պատրաստուած թերթերն են` «Մուսա Լեռ»-ը, «Ճրագ»-ը, «Բարեւ» պարբերաթերթն ու «Ծիածան» շաբաթաթերթը:

Կատարեալ բծախնդրութեամբ պատրաստուած այս չորս էջնոց թերթերը կ՛ընդգրկէին շատ մը մանրամասնութիւններ, ինչպէս` թերթին անունը, խմբագիրներուն անունները, թուական, էջաթիւ, յստակ բաժանումներ եւ թերթի մը ձեւաչափի իմաստով աշակերտներուն պատկերացումը:

Բոլորը անխտիր իրենց թերթերուն մէջ ընդգրկած են լուսանկարներ, գոյներ, ծիծաղի եւ խաղի բաժիններ, որոնք կարելի չէ իբրեւ «Ժամանց» մեկնաբանել, այլ` այդ ձեւով բան փոխանցելու եւ սորվեցնելու ձեւեր:

Այս բոլորին կողքին, «Ազդակ»-ի խմբագրութեան համար մեծ գոհունակութիւն էր տեսնել հայ աշակերտին աշխատանքին ընդմէջէն արտացոլացող նոր աւիշը եւ օրաթերթին բոյրը, որուն ընդմէջէն կը բուրէր հայ պատանիին անկեղծութիւնը եւ անոր փնտռածը` օրաթերթերէն:

«Մուսա Լեռ»

Թերթը պատրաստած են խմբագիրներ Անի Գազանճեանն ու Արինա Աբրահամեանը: Ա. էջով անոնք անդրադարձած են Նոր տարուան ընթացքին Այնճարի մէջ տակաւին յարգուող մուսալեռցիներու աւանդութեան` «Չանթու քարիլ»-ին:

Բ. եւ Գ. էջով անդրադարձ կատարուած է գիտելիքներու, հայաստանեան լուրերու եւ ժպիտի բաժիններուն, իսկ Դ. եւ վերջին էջը տրամադրուած է խաղերու բաժինին:

«Ճրագ»

Թերթը պատրաստած են Է. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ:

Անոնք Ա. էջով գծած են Ս. Ծնունդը խորհրդանշող լուսանկար մը եւ գրած են Ս. Ծննդեան գիշերը Այնճարի մէջ գործադրուող Աւետումի աւանդութեան մասին:

Բ. եւ Գ. էջով անդրադարձ կատարուած է գիտելիքներու եւ հանելուկներու, որոնք դարձեալ պատկերազարդ կերպով ներկայացուած են: Իսկ վերջին էջը դարձեալ յատկացուած է խաղերու բաժինի մը, որ գունաւոր է եւ դաստիարակիչ եղանակ մը ունի իր ձեւին մէջ:

«Բարեւ»

Թերթի խմբագիրներ Լիւսին ու Փաթիլը իրենց հրատարակութիւնը նկատած են պարբերաթերթ:

Իրենց պատրաստած թերթին անուան համաձայն, անոնք իբրեւ առաջին պարբերութիւն` ընտրած են Պարոյր Սեւակի «Բարեւ» բանաստեղծութենէն բաժին մը, ինչպէս նաեւ անդրադարձած են Նոր տարուան առիթով ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան գիրքեր նուիրելու նախաձեռնութեան:

Բ. էջով անոնք անդրադարձած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2019-ն «Հայ մամուլի տարի» հռչակելու իրականութեան:

Գ. էջով անոնք Այնճարի մասին հարցազրոյց մը կատարած են Մովսէս Խ. Հերկելեանի հետ. իսկ վերջին էջով պատրաստած են պահուած բառ եւ հանելուկ մը:

«Ծիածան»

Խումբ մը աշակերտներ իրենց թերթը որոշած են կոչել «Ծիածան» եւ զայն կը նկատեն շաբաթաթերթ:

Ա. էջով անոնք անդրադարձած են Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ 2019-ն հայ ընտանիքի տարուան անուանումին եւ զետեղած են Հայաստանի իշխանութեան պետերուն ու Գարեգին Բ.ի շնորհաւորութիւնները հայ ժողովուրդին:

Բ. եւ Գ. էջերով անդրադարձ կատարուած է Այնճարի լուրերուն, մեծերու խորհուրդներուն, ինչպէս նաեւ` գիտելիքներու բաժիններու:

Դ. էջով պատրաստուած է պահուած բառ մը եւ «Քիչ մը ժպիտ» խորագիրով ներկայացուած է անեկթոտ մը:

Իսկապէս ողջունելի աշխատանք մըն է այս մէկը, որ կատարուած է դպրոցին կողմէ: «Ազդակ»-ի կողմէ շնորհակալութիւն` ընծայուած գործակցութեան առիթին համար եւ վարձքը կատար բոլորին` տնօրէնութեան եւ ուսուցիչին, անոնց մաղթելով յաւելեալ կորով` մարդակերտումի իրենց առաքելութեան մէջ:

 

 

Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Քոլեճի 2018-2019 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէսը

$
0
0

Շաբաթ, 6 յուլիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց  թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, քոլեճի բարեկամներու, բարերարներու, ծնողներու, գաղութի եւ գիւղի տարբեր միաւորներու, ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներու, Այնճարի քաղաքապետին, քահանայ հայրերու, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին ու հանդիսատեսներու հոծ բազմութեան, տեղի ունեցաւ Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակին նուիրուած քոլեճի ամավերջի հանդէսը:

Լիբանանի, Հայաստանի ու վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, նախակրթարանի ու քոլեճի շրջանաւարտները հանդիսաւոր կերպով բարձրացան բեմ ու գրաւեցին իրենց տեղերը:

Բացման խօսքը արտասանեց քոլեճի տնօրէն Արմէն Թաշճեան, որ ողջունելէ ետք հանդիսականները, յայտնեց, որ հանդէսը Այնճարի 80-ամեակի մեծ խորհուրդով կը ներկայանայ գիւղին վերեւ ճախրող Մուսա Լերան արծիւին չանհետացող ուրուականով, որ նոյնինքն գիւղի պատմութեան դասն իսկ է: Տնօրէնը բացատրեց, որ գիւղը իր պատմութիւնը կերտած է հերոսամարտի եւ անոր խորանին հաւատարմութեան ուղիով, անապատի անտանելի նեղութիւնները խորտակելու քաջութեամբ եւ հողին հետ դաշնադիր մնալու վճռակամութեամբ: Իսկ աշխատանքի մարտնչումով, ինչպէս նաեւ մուսալեռցին տուն կանչող թմբուկով եւ յաղթանակած հայու հպարտութեամբ, գիւղը կազմած է իր անաղարտ դիմագիծը: Տնօրէնը մաղթեց, որ հանդէսը վերածուի նորահաս սերունդի պապենական կտակի փոխանցման խորհրդակատարութեան եւ գիւղի հաւաքական տեսլականը պահելու ուխտակրութեան ծէսի:

Հանդէսի գեղարուեստական ընթացակարգը առաջնորդեցին ԺԱ. կարգէն աշակերտներ` Նարօտ Գառնէշեանը, Վարագ Քէօշէեանը եւ Պարոյր Սթանպուլեանը` իբրեւ հաղորդավարներ:

Ա.-Գ. կարգերու երգչախումբը կատարեց «Մուսա Լերան գիւղերէն» եւ «Հալա հալա նինոյէ» երգերը, ապա նախակրթարանի Ե. Զ. պարախումբը ներկայացուց «Համբարձում» եւ «Կէրմէր ֆըսթան» պարերը:

Օրուան պատգամը ներկայացուց վարժարանի շրջանաւարտներէն Յակոբ Այնթապլեանը, որ խրախուսեց շրջանաւարտները Այնճարի ապագայի նկատմամբ` ունենալու համար այն խոր հաւատքը, այնպէս, ինչպէս իրերայաջորդ սերունդներու Հայաստանի անկախութեան երազանքը:

Յ. Այնթապլեանը թելադրեց շրջանաւարտներուն, թէ ո՛ւր ալ գտնուին իրենք, կապուած մնան ազգային գանձերուն, հայրենիքին, սփիւռքին, յատկապէս` իրենց գիւղին ու վարժարանին: Ան յոյս յայտնեց, որ կեանքի դաժան փոթորիկները արմատախիլ չընեն շրջանաւարտներուն մէջ այն անխախտ սկզբունքները, զորս ընձեռած է աշխարհագրական այս հայադրոշմ աշխարհը: 80-ամեայ Այնճարը հայելին է մուսա-լեռցիի աշխատանքին, հզօր կամքին, անխախտ հաւատքին եւ մանաւանդ ազգային ապրումներու վառ դրսեւորումին: Այնճարը համահայկական եզակի արժէք է. փոքրիկ Հայաստան, ուր  իւրաքանչիւր արարած կը կրէ հայու նկարագիր, ինչպէս մայր Հայաստանը կը կրէ իր կուրծքին տակ հայրենիքի սահմանապահ զինուորներուն սրտի զարկը:

Պատգամախօսը ընդգծեց նաեւ, որ շրջանաւարտները ըլլան յանձնառու նուիրեալներ` հողին ու գիւղին կառչած մնալով:

Ազգային Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի շրջանաւարտ ըլլալ` կը նշանակէ մուտք գործել այն վեհաշուք դարպասէն ներս, ուր` «Ձեր ամբարած գիտելիքներով, փորձառութեամբ եւ ուժերով այլեւս փաղանգն էք ձեր հարազատ գիւղին եւ, ընդհանրապէս, հայաշխարհի հզօրացման ու բարգաւաճման առաքելութեան»,  եզրափակեց ան:

Շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը Ա.-Բ. կարգերու «Թամզարա» պարային ելոյթով: Այնուհետեւ նախակրթարանի Դ.-Զ. երգչախումբը մատուցեց «Մուսա Լերան», «Քամին զանա» եւ «Նինօ» երգերը:

Մրցանակաբաշխումէն ետք Թ.-ԺԱ. պարախումբը ներկայացուց նազպար մը, որուն անմիջապէս յաջորդեց եարխուշտա ժողովրդական պարը:

Այնուհետեւ Զ. դասարանի շրջանաւարտները ասմունքեցին Դանիէլ Վարուժանի «Ձօն»-ը, որմէ ետք Գ.-Դ. պարախումբը ներկայացուց «Հայաստան» պարը:

Գեղարուեստական յայտագիրի վերջին բաժինը ամփոփումն էր օրուան խորհուրդին, երբ Է.-Ը. պարախումբի անդամները հանդիսատեսներուն մէջէն բարձրացան բեմ եւ աւանդական թմբուկ-զուռնայի կշռոյթին տակ սկսան պարել, մինչ ԺԲ. կարգի աւարտականները ներկայացուցին Պօղոս Սնապեանէն քաղուած համադրութիւն մը: Պատկերը իր լրումին հասաւ, երբ փրկարար նաւը մուսալեռցիները հասցուց ապահով ծովափը:

Շրջանաւարտներու ուղերձներու ընթերցումը կատարեցին Գարօլ Քենտիրճեանը` հայերէնով, Մակի Քենտիրճեանը` արաբերէնով եւ Անժելիքա Սըգայեանը` անգլերէնով: Անոնք ուրախութեան ու յուզմունքի արտայայտութիւններով յայտնեցին իրենց երախտագիտութիւնը վարժարանին ու զիրենք շրջապատող իւրաքանչիւր անհատի նկատմամբ:

Այնուհետեւ պահը հասած էր վկայականներու բաշխումին: Տնօրէն Արմէն Թաշճեան խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` յայտնեց. «Վկայականներու մէջ ամենաշատ յիշելիքն ու յիշեցնելիքը այն իրողութիւնն է, որ դուք անքակտելի մասն էք մեր ժողովուրդի շուրջպարին, ժառանգորդը անոր հաւաքական յիշատակարանին եւ ամուր պատուանդանը` անոր երազներուն»:

Տնօրէնը յուսադրեց, որ շրջանաւարտներուն տրուած վկայականները ըլլան յուշարարները Մուսա Լեռ-Այնճարի այն ճշմարտութեան, որ գիւղի պատմութիւնը հոմանիշ դարձուց համախումբ կեանքի ու կռիւի, պապենական հողին եւ երկինքին ժառանգուելու առաքինութեանց, ինչպէս նաեւ` ազգային արժանապատուութեան եզակի ապրումի:

Տնօրէնը բարի երթ մաղթելով շրջանաւարտներուն` բեմ հրաւիրեց առաջնորդ սրբազան հայրը եւ օրուան պատգամախօսը, որոնք տնօրէնին հետ կատարեցին վկայականներու բաշխումը:

Այնուհետեւ, առաջնորդ սրբազան հայրը տուաւ իր պատգամը եւ արժեւորեց կրթական այն երախտարժան աշխատանքը, որ հայ կրթութեան նուիրուած մշակներ կը կատարեն անսակարկ կերպով ու անշահախնդրօրէն: Ան գնահատեց արձանագրուած յաջողութիւնը, որ հպարտութիւն կը ներշնչէ գիւղին ու բոլոր հայրենակիցներուն: «Վարժարան մը, որ ոչ միայն խորհրդանշուեցաւ փետուրով, այլ նաեւ լիբանանեան մայրիով,- ըսաւ ան եւ աւելցուց: – Մենք հայ ժողովուրդի պատմութեան, անցեալին, ներկային ու ապագային զինուորներն ենք, Մուսա Լերան արմատով խորհրդանշուած` թմբուկի կշռոյթով եւ  շուրջպարի դոփիւնով մեզ մասնակից դարձուցիք մեր համահայկական թմբուկին եւ շուրջպարին: Եւ այս բեմը զարդարուած է ցորենի հասկերով, «ոսկի» հունձքով` նուիրումով եւ իրագործումներով»:

Ան իր օրհնաբեր թելադրանքը ուղղեց շրջանաւարտներուն, որպէսզի անոնց քայլերը ըլլան հաստատ ու ամուր եւ իրենց ունեցածը արդիւնաւորեն նաեւ իրենց վարժարանին համար:

Այնուհետեւ շրջանաւարտները, տնօրէնն ու ընդհանուր հսկիչները ընդունեցին ներկաներու ջերմ շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթութիւնները:

Վկայական ստացան.

ԺԲ. դասարանէն

Արփա-Ռիթա Սարգիսեան, Էլիաս Ապու Ասալէ, Ալեքս Շաննագեան, Փոլ Ճանսըզեան, Գարօլ Քենտիրճեան, Լարա Գարակէօզեան, Յակոբ Չափարեան, Խաժակ Ադամեան, Գարինա Աշգարեան, Մակի Քենտիրճեան, Միքայէլ Հաճեան, Անժելիքա Սըգայեան, Պետիկ Հերկելեան, Լեւոն Ղուկասեան, Մարտիկ Ատաճեան, Մաքրուհի Զէյթունլեան:

Զ. դասարանէն

Արազ Սարգիսեան, Ալեքսիա Սըգայեան, Ալեակ Գույումճեան, Ալիք Աշգարեան, Անժելա Քէօշկէրեան, Ռիթա Քէօշկէրեան, Սելենա Գրիգոր, Սանան Արուշեան, Գարլա Աբրումեան, Կարօ Սթամպուլեան, Քրիսթել Սապունճեան, Լիլի Գապաքեան, Մաթիլտա Գէօհիւլեան, Յակոբ Այնթապլեան:

 


Ակնարկ. Ռազմաքաղաքականէն Աւելի Վտանգաւոր Պատերազմ Մղելու Հարկադրանքը

$
0
0

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարին հնչեցուցած ահազանգը` թմրեցուցիչի համատարած երեւոյթին մասին, հատած է հասարակութեան սպառնացող վտանգի բոլոր սահմանները:

Լիբանանը յարձակման տակ է ներմուծողներու, արտադրողներու, վաճառականներու եւ օգտագործողներու կողմէ: Արգելափակեալներու ընդհանուր ցանկերուն մէջ թմրեցուցիչի պատճառով բանտարկուածներու համեմատութիւնը սարսափազդու պատկերներ կը յառաջացնէ եւ ենթադրել կու տայ, որ հասարակութիւն մը ամբողջ ախտահարուած է համաշխարհային տարողութիւն ունեցող այս վարակէն:

Թմրագործարարութիւնը հովանաւորութիւն ունեցող, ստուերային, միաժամանակ նաեւ քրէական ծանրագոյն հետեւանքներ ունեցող արարք է, որ փոխանակ չէզոքացուելու կամ վերացման միտող միջոցներու ենթարկուելու, սրընթաց մագլցողականութեամբ նոր շուկաներ կը նուաճէ, հասարակութիւններ կը հարուածէ, ուղեղներ կը թմրեցնէ եւ երիտասարդութիւն կը քայքայէ:

Թմրարտադրութիւնը կը քաջալերուի, երբ թմրեցուցիչի որոշ տեսականի կ՛օրինականացուի այս կամ այն պետութեան կամ նահանգային կառավարութեան կողմէ, մինչ բժշկական խորհուրդներ առողջապահական որոշ հարցեր դարմանելու համար կը յանձնարարեն թմրեցուցիչի օգտագործումը: Երէկուան արգիլուածը այսօր հետզհետէ կը դառնայ արտօնեալ, յանձնարարելի նոյնիսկ, եւ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններ` ետ չմնալու համար ընկերաբանական այս նորաձեւութենէն, կը սկսին քննարկել նման օրինագիծեր պատճէնահանելու կարելիութիւնները: Այստեղ պէտք է արձանագրել, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը առաջինն էր, որ կտրուկ դիրքորոշում ունեցաւ Լիբանանի մէջ թմրեցուցիչի որոշ տեսականին օրինականացնելու նախաձեռնութեան դէմ` զգուշացնելով անոր հետագայ վտանգներէն: Լիբանանցին պէտք է գիտակցի, որ նման փորձեր կաթիլային ներմուծումներով հաւաքական ենթագիտակցութիւններու վրայ կ՛ազդեն` թմրեցուցիչին հանդէպ հանդուրժողականութիւն դրսեւորելու առումով: Այս պատճառով ալ Հայկական երեսփոխանական պլոքի դիրքորոշումը պէտք է ստանայ համալիբանանեան տարողութիւն:

Թմրեցուցիչի արտադրութեան, վաճառականական համաշխարհային ուղիներուն, թափանցման գործողութիւններուն մասին ընդհանուր պատկերացում մը միայն անպայման կը համոզէ հետեւողը այդ գործարքներուն վերաբերեալ որոշ ստուերային խումբերու եւ կարգ մը պետական մարմիններու սերտաճման կամ չյայտարարուած գործակցութեան մասին:

Այլապէս ինչպէ՞ս կը բացատրուին այս ոլորտի արտադրողականութեան ծաւալները, առեւտուրի հսկայական գումարներու շրջանառութիւնները եւ այդ բոլորին պատճառով զոհերու անվերջ աճող թիւերը:

Լիբանանի պարագային պաշտօնական պետական մարդու հնչեցուցած ահազանգին եւ անոր ներառած թիւերուն աննախընթաց աճը կը յուշեն, որ հակաթմրեցուցիչ արշաւները հեռու են վնասազերծման նպատակով կազմակերպուող հակակշիռ գործողութիւններ դասուելէն:

Ախտահարուած են դպրոցները, ընկերային վայրերը, համախմբումի միջավայրերը, հասարակութիւնը: Ձերբակալութիւնները, արգելափակումները չեն կրնար դանդաղեցնել վարակուածութեան կշռոյթները:

Երբ լիբանանեան հասարակութիւնը կ՛ախտահարուի, այդ ախտահարումը նախ եւ առաջ բաժին կը հասնի երիտասարդութեան, որ   ընկերաբանական տարբեր հանգամանքներէ մեկնած ամէնէն թիրախային խաւն է: Երիտասարդութիւն ներքաշելու, ախտահարելու եւ այդ ճամբով գումար վաստակելու դաւադրական քաղաքականութիւնը բոլոր ուղղութիւններով պիտի շարունակէ միակողմանի զոհեր խլող այս յարձակումը:

Անիրատեսական չէր նախարարին այն յայտարարութիւնը, որ թմրամոլութեան դէմ պայքարը շատ աւելի վտանգաւոր է, քան զինուորական ու քաղաքական պայքարները: Աւելի վտանգաւոր է եւ աւելի դժուար, որովհետեւ թշնամիին դէմ պատերազմիլը կը խտացնէ շարքերը, կ՛ամրակայէ ազգային գիտակցութիւնը, կ՛արմատացնէ ծառայելու գաղափարը: Միւսը կ՛որոնէ ներքին թշնամին, չի յաջողիր հասնիլ արտադրողին, մեծ գործարարին, կ՛իյնայ բուն պատասխանատուին հասնիլ փորձող ճամբուն ոլորապտոյտին մէջ եւ կը գտնէ զոհը, քաղաքացին, երիտասարդը, որուն բուժումը բարդ է եւ կը պահանջէ բացարձակ հետեւողականութիւն, կամք, ինքնասրբագրութիւն:

Լիբանանը պէտք ունի իր հասարակական անվտանգութեան սպառնացող եւ զայն արդէն հարուածած համատարած վարակին դէմ պայքարի ծրագիրի շտապ մշակման եւ կիրարկման: Կրթականէն քաղաքացիական եւ տուգանայինէն իրաւական ու քրէականացման միջոցներու անյետաձգելի կիրարկումներ` առնուազն դանդաղեցնելու համար այս սանձարձակ աճը, որ անխնայ կը հարուածէ հասարակութիւնը:

Այս պատերազմին դէմ գործնական պայքար մղելու կամք պէտք է դրսեւորէ լիբանանեան պետութիւնը:

«Ա.»

Դաւիթ Կարեճի Վանական Համալիրէն Մինչեւ Վրաստան-Ազրպէյճան Ռազմավարական Դաշինք

$
0
0

Ա. Ա.

Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի միջեւ ռազմավարական գործակցութեան հիմքերը խախտած կը թուին ըլլալ այս օրերուն` սահմանային Դաւիթ Կարեճի վանական համալիրին կամ ազրպէյճանցիներուն համար Քաշըքճի Քալա կոչուած կառոյցին պատճառով, որ Պաքուի իշխանութիւններուն միջոցով գործի լծուած «ակադեմական պատմաբաններ»-ու կողմէ կը համարուի աղուանական համալիր մը, հետեւաբար կը պատկանի Ազրպէյճանի, նկատի ունենալով, որ ազրպէյճանցիք իրենք զիրենք կը համարեն աղուաններէ սերած ազգ մը: Թաթարները այս հաշուով դուրս ձգուած են Ազրպէյճանի պատմութենէն: Երկիր մը, որուն անունն իսկ առնուած է Պարսկաստանի հիւսիսային Ատրպատական նահանգի անունէն:

Դաւիթ Կարեճի վանական համալիրը անցնող օրերուն դարձաւ ազրպէյճանական սահմանապահ զինուորներուն թիրախը, անշուշտ` հրահանգովը Պաքուի իշխանութիւններուն: Երկու օր առաջ ազրպէյճանցիները խուժեցին վանական համալիր, եկեղեցիին պատերէն վար առին բոլոր սրբանկարները եւ տարին ու յանձնեցին վրացի սահմանապահ զինուորներուն, այն պատճառաբանութեամբ, որ Քաշըքճի Քալան ազրպէյճանական է, եւ հոն կարելի չէ սրբանկարներ պահել: Մինչ ազրպէյճանցի զինուորները վրացական սրբանկարները կը փոխադրէին, հանդիպեցան սահմանին վրայ գտնուող վրացական գիւղերու բնակիչներուն բուռն ընդդիմութեան: Արձանագրուեցան բախումներ, եւ ազրպէյճանցի քանի մը զինուորներ վիրաւորուեցան:

Այս դէպքին ազրպէյճանական եւ վրացական հակազդեցութիւններն են, որոնք արժանի են քննարկման:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտիւլայեւան բուռն կերպով քննադատեց դէպքը եւ յստակացուց, որ Ազրպէյճանի մէջ Վրաստանի դեսպանը արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած եւ բացատրութիւն պահանջուած է դէպքին շուրջ: Պաքու ապա նախագահ Իլհամ Ալիեւի քաղաքական հարցերով խորհրդական Ալի Հասանովին բերնով յայտարարեց, որ այս դէպքը բնաւ չ՛արտացոլացներ Ազրպէյճան-Վրաստան ռազմավարական համաձայնագրի ոգին, պահանջելով, որ Թիֆլիսի իշխանութիւնները քննութիւն բանան եւ բացայայտեն վրացի յանցագործները` զանոնք պատիժներու ենթարկելով:

Ձեւով մը հասկնալի է Ազրպէյճանի այս պահանջը, նոյնիսկ եթէ անոր ետին թաքնուած են վանական համալիրին պատկանելիութիւնը խեղաթիւրելու եւ կառոյցին ճամբով շրջանը իւրացնելու Պաքուի իշխանութիւններուն մտադրութիւնը:

Անհասկնալին եւ այպանելին պաշտօնական Թիֆլիսի դիրքորոշումն է` վանական համալիրէն վրացական սրբանկարները վերցնելու ազրպէյճանական քայլին նկատմամբ:

Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը փոխանակ հաստատելու, որ վանական համալիրը է ու կը մնայ վրացական ամէնէն նշանաւոր սրբավայրը, ընդհանուր գիծերու մէջ վախկոտ ակնարկութիւններ կատարեց արձանագրուած դէպքին եւ զգաստութեան ու խոհեմութեան կոչեր արձակեց սահմանին վրայ ապրող վրացիներուն, թէ միջամուխ պէտք չէ դառնան պետութեան գործերուն, այլ առիթ տան, որ այս խնդիրը դիւանագիտական միջոցներով լուծուի:

Նախապէս ազրպէյճանցիները արգիլած էին վրացի ուխտաւորներու վանական համալիր մուտքը` պատճառաբանելով, որ նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին չյայտարարուած այցելութիւն մը տուած էր վանական համալիր եւ վրացի սահմանապահ զինուորներու հետ ալ լուսանկարուելով` «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ հրապարակած էր զանոնք: Այդ ժամանակ ալ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ոչինչ ըսաւ ազրպէյճանական ոտնձգութիւններուն մասին եւ ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ խնդրին: Եւ ազրպէյճանցիները շատ արագ ընկալեցին վրացական անդիմագիծ կեցուածքին պատգամը եւ վանական համալիր ղրկեցին իրենց զինուորները, որոնք այս անգամ ոտնակոխելով վրացական արժանապատուութիւնը` վար առին սրբանկարները եւ յանձնեցին վրացի սահմանապահ զինուորներուն: Վանական համալիրը, այսպիսով, կը վերածուէր ոչ թէ կռուախնձորի, այլ կը դառնար Ազրպէյճանի սեփականութիւնը:

Վրաստան Հարաւային Կովկասի մէջ ունի բաւական փոթորկալից պատմութիւն մը, որուն ընթացքին արձանագրուած դէպքերուն եւ իրադարձութիւններուն առարկայական ուսումնասիրութիւնները բաւական լոյս կը սփռեն վրացական ազգային նկարագրին վրայ` հայատեացութեան, ազրպէյճանամէտութեան եւ Ռուսիոյ նկատմամբ ատելութեան իմաստով, որոնց ետին կան տնտեսական, ռազմական, քաղաքական բազմաթիւ ծալքեր ունեցող մանրամասնութիւններ եւ շահեր:

Բայց անսպասելին Դաւիթ Կարեճի վանական համալիրին պատկանելիութեան խնդրին մէջ Թիֆլիսի իշխանութիւններուն անձնատուական կեցուածքներն են, երբ նոյնիսկ փորձ կը կատարուի վրացական սրբավայրին տէր կանգնելու վրացիներու շարքերուն մէջ տեսնել Թիֆլիսի իշխանութիւններուն տապալման ձգտող ընդդիմադիրներ: Ասիկա ալ վստահաբար չէ վրիպած ազրպէյճանցիներուն ուշադրութենէն, եւ որոնք ահա բաւական ճամբայ կտրած են վրացական համալիրը իւրացնելու իրենց ծրագրին գործադրութեան մէջ:

Կը մնայ սպասել այս հարցին կապուած զարգացումներուն, որոնք անկասկած Վրաստանի ի նպաստ պիտի չըլլան:

 

Սլաք. Մե՜ծ Հանելուկ Մը Լուծեցի, Էվրեքա՜…

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Թէ նշանաւոր Արքիմետէսի «Էվրեքա՜» բացագանչութիւնը իրմէ ետք քանի՞ անգամ հնչած է` վստահաբար հաշիւը պահող չէ եղած, ու եթէ անունս ալ աւելնայ այդ ցանկին վրայ, վստահաբար մեծ գիտնականին հոգը պիտի չըլլայ:

Ըսեմ, թէ քանի մը օր առաջ ի՛նչ պատահեցաւ, որ ժպրհեցայ անունս արձանագրել այդ ցանկին վրայ: Հայաստանի պատկերասփիւռի կայանները կը հաղորդէին Տաւուշի շրջանին մէջ պատահած դէպքերու լուրերը` ապօրինի ծառահատում, ճամբաներու փակում, ոստիկանութեան միջամտութիւն, բախումներ, ձերբակալութիւններ եւ այլն: Լրագրող մը Նախիջեւանէն ուղղակի հաղորդում կը կատարէր, կանգնած` շէնքի մը առջեւ, որուն ճակատին շատ յստակ արձանագրուած էր` ՀԻՎԱՆԴԱՆՈՑ, այսինքն` հիւանդանոց: Հաղորդումի պահուն, երիտասարդ լրագրողը, ինչպէս նաեւ պաստառին վրայ երեւցող այլ պատասխանատուներ քանի մը անգամ արտասանեցին ՀՈՍՊԻՏԱԼ, ՀՈՍՊԻՏԱԼԱՑՈՒԱԾ եւ նման տարբերակներ: Բնականաբար ուշքս կեդրոնացած էր լուրերուն բովանդակութեան վրայ, եւ յանկարծ… միտքիս մէջ փայլատակում մը զգացի եւ Արքիմետէսին արձագանգելով` բացագանչեցի` ԷՎՐԵՔԱ՜…

Մեծ հանելուկ մը լուծած էի. հանելուկ մը, որ տարիներէ ի վեր կը չարչրկէ զիս ու ինծի պէս յետամնաց հայորդիներ, որոնք դժգոհութեամբ եւ ընդվզումով կը լսեն հայրենի ժողովուրդին մէջ օր աւուր նոր բարձունքներ նուաճող օտարաբանութիւններու ալիքը: Համոզուեցայ, որ օտարաբանութեան յարողները ինչո՛ւ իրաւունք ունին եղեր, մինչդեռ ես ու ինծիպէսներ կը յամենանք նախնադարուն մէջ: Բացատրեմ, որպէսզի ամէն մարդ լուսաւորուի եւ ազգովին որդեգրենք օտարաբանութիւնները, մուտք գործենք արդի դարաշրջան:

Խօսիմ քանի մը օրինակով. կանգ առնենք քանի մը շատ գործածուած բառերու վրայ եւ միասնաբար համրենք հետեւեալ բառերուն վանկերը.

Հոս-պի-տալ` 3               –                հի-ւան-դա-նոց` 4

Հոս-պի-տա-լա-ցում` 5   –              հի-ւան-դա-նոց փո-խա-դրել` 7

Պո-պու-լիզմ` 3               –              ամ-բո-խա-վա-րու-թիւն` 5 (քաղաքական բեմին վրայ գործածուող նրբերանգը)

Մետ-իա` 2        –                              լը-րա-տու աղ-բիւր-ներ կամ մի-ջոց-ներ` 6

Կարելի է ցանկը երկարել, սակայն կարծեմ, սիրելի՛ ընթերցող, յաջողեցար «բռնել» տրամաբանութիւնը: Օտարաբանութեան դիմողները ո՛չ թէ հայերէնին դէմ են, հայերէն եզրերը չեն սիրեր, այլ կը հետեւին արդի աշխարհի… արագութեան եւ կարճ արտայայտուելու պատգամին: Օտար բառերը աւելի կարճ են, մինչդեռ հայերէն եզրերը երբեմն երկար են:

Չէ՞ որ մօտաւորապէս դար մը առաջ աբեղեանական ուղղագրութիւնը որդեգրելու համար ալ «խնայողութեան» նոյն ձախաւեր տրամաբանութիւնը գործածուած էր…

Չէ՞ որ նոյն այդ օրերուն մինչեւ իսկ հանճարե՜ղ գիւտ մը եղած էր, եւ հրապարակ նետուած էր լատինական տառերու որդեգրման գաղափարը, եւ այդ բոլորը` արդիականութեան եւ խնայողութեան պատճառաբանութիւններով:

Եթէ մաշտոցեան տառերու գերեզմանումը իբրեւ սրբապղծութիւն` մերժուած էր, օտարաբանութեանց գործածութեան շարունակումը նման արգելքի դէմ չէր գտնուած, եւ ահա մեր մայր հայրենիքին մէջ նոր ծաղկում կ՛ապրի օր աւուր, պետական ամէն անպատասխանատու մարդոցմէ սկսեալ, մինչեւ լեզուագէտներ, մամուլ եւ անոնց ազդեցութեան տակ ինկող զանգուածները («խօսում ա, այցելում ա» գեղջկաբանութիւնը` այլ հարց): Որո՞ւ հոգը, թէ լեզուի տեսչութիւնը ի՛նչ կ՛ըսէ. որո՞ւ հոգը, թէ նման ախտերու պատասխանատուութիւնը կրող նախարարութիւններ եւ մինչեւ իսկ կաճառներ կը նախընտրեն անգործ մնալ եւ… «քաղաքականութիւն խաղալ»:

Եթէ համոզուեցաք, եկէ՛ք, միասնութեան կամքով գոչենք` ԷՎՐԵՔԱ՜…

 

Սկսած, Աւարտած Եւ Վերսկսող Ազատ Խոհեր` Մեծ Գաղափարներու Շուրջ

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Մարդիկ զիրար բզկտող միջատներ են
ցեխի հիւլէի մը վրայ»:

ՎՈԼԹԵՐ

Պահ մը եթէ կանգ առնենք եւ առանց կանխակալ կարծիքի` մտածենք այն մեծ գաղափարներուն մասին, որոնք յուզած են մեզմէ առաջ ապրած սերունդներ ու իմաստուններ եւ կը յուզեն նաեւ մեզ այսօր, եթէ փորձենք հարցականի ենթարկել ապահովութիւն ներշնչող գաղափարները եւ մարմարի վրայ գրուած-գրուող ճշմարտութիւնները, թերեւս նուազ սխալներ կը գործենք, նուազ կը դժբախտանանք եւ նուազ կը դժբախտացնենք:

Այս վերաբերումը ունենալու համար մեծ մտաւորական ըլլալու, մեծ տիտղոսներ եւ մեծ պաշտօններ ունենալու կարիք չկայ: Ի հարկէ աւելի դժուար է դիրքորոշուիլ եւ ուղղութիւն ճշդել` մեկնելով կասկածէ մը կամ հարցականէ մը, քան` ընդունուած, գրուած, հաստատուած, իւրացուած եւ քարացած ճշմարտութենէ մը, որ կը նմանի հանգիստ եւ փափուկ անկողինի, որ կը յիշեցնէ Լա Ֆոնթենի առակի կեանքէն քաշուած առնէտը, որ աշխարհի տաքէն ու պաղէն հեռացած էր` ապաստանելով հոլանտական խոշոր պանիրի մը մէջ: Ո՛չ ինքզինք, ո՛չ ալ հոլանտական պանիրը հարցականի ենթարկելու կարիք ունէր:

Այդպէս է մարդոց մեծամասնութիւնը, որ քարացած մտայնութիւններու եւ ընդունուած (չ)ճշմարտութիւններու ետին ինքզինք աւելի լաւ կը զգայ, չ’անհանգստացներ եւ զինք չեն անհանգստացներ. տարբեր չըլլալու երջանկութիւնը: Այդ մտայնութիւններով եւ (չ)ճշմարտութիւններով ինքնութիւն կերտած ենք, ընկերային դիրք նուաճած ենք: Զանոնք հարցականի ենթարկել` մեզ յանկարծ կրնայ կանգնեցնել մեր մերկութիւններուն առջեւ` դատարկութիւն ստեղծելով, խանգարելով կարգը, կանոնը, խաղաղութիւնը, որ յաճախ կը շփոթուի լճացման հետ:

Երբ կոչ կ’ըլլայ հաւատարմութեան, արժէքներու, ինքնութեան, արդարութեան, ժողովրդավարութեան եւ այլ ամպագոռգոռ բաներու, ի վիճակի պէտք է ըլլալ ջոկելու դատարկ յոյսերու եւ տօն օրերու ամբոխավարական եւ իմաստակի (sophiste) յաճախ յուսախաբութեան տանող հնչեղ կարգախօսները` էականէն, ճշմարիտէն, իրաւէն, մարդկայինէն: Բայց պատմութիւնը միշտ ալ բեմ եղած է յոյսի եւ յուսախաբութիւններու ճօճանակի խաղին, մէկ ընտրութենէ միւսը, մէկ յեղափոխութենէ միւսը, մէկ նոր անունէ միւս նոր անունը, որոնք իշխանութիւն դառնալով` կը մարեն յոյսերը եւ կը դառնան եսերու կրպակ:

Այս հարցով շատ դիպուկ է մեծ գրող Ալպեր Քամիւի միտքը, որ կ’ըսէ. «Յոյսը, հակառակ ընդունուած կարծիքին, հաւասար է համակերպումի: Եւ ապրիլ` համակերպիլ չէ»:

Արդարեւ, դասական խօսք է ըսել, որ հաւատարիմ պէտք է ըլլալ սեփական տեսակէտներու, արժէքներու, չընդունիլ կարգախօսները, թափծու ճշմարտութիւնները, որոնցմով ընկերութեան մէջ կը գտնենք մեր տեղը, կ’ըլլանք ընդունելի: Պահ մը պէտք է մտածել. հաւատարիմ ըլլալ սեփական տեսակէտներո՞ւ, թէ՞ ընկերութեան կողմէ սրսկուած տարազներու, կրկնուող գաղափարներու: Սեփական տեսակէտ ունենալու համար նախ պէտք է մեկնիլ տարակուսանքէն եւ փակագիծի մէջ դնել այն, ինչ որ ընկերաքաղաքական ճշմարտութեան պատկերով կը ներկայանայ: Այս կ’ըլլայ առաջին քայլը յառաջդիմութեան, զոր երբեմն աղմուկով կը կոչենք յեղափոխութիւն:

Հերակլիտէն ի վեր գիտենք, որ կարելի չէ նոյն գետի նոյն ջուրին մէջ երկու անգամ լոգնալ: Այդպէս են մարդը եւ կեանքը, անոնք քարացած չեն: Ինչ որ դաջուած է մարմարի վրայ եւ կը ներկայանայ որպէս վերջնական, հականիշն է յառաջդիմութեան: Ի հարկէ խօսքը չի վերաբերիր վասն դատարկ նորաձեւութեան եւ նորարարութեան ինքզինք թափահարող մերժումներու:

Ժողովրդավարութիւնը մշտանորոգ յոյսի շտեմարան է, կամ` աճպարարի խաղ, որ գլխարկին տակէն յոյսի թռչուններ կը հանէ: Ժողովրդավարութիւնը Հերակլիտի խաղն է, որ կը նմանի նոյն գետի նոյն ջուրին մէջ երկու անգամ կարենալ լոգնալու անկարելիութեան: Աւելի լաւին եւ աւելի կատարեալին խոստումով եւ յոյսով կը բեմադրենք ժողովրդավարութիւնը, միեւնոյն ժամանակ կը պատրաստենք փոփոխութիւնը եւ կը պատրաստուինք փոփոխութեան: Այսինքն ոչինչ վերջնական է: Այս գիտակցութիւնը եթէ քաղաքական ղեկավարը ունենայ, եթէ ընդհանրապէս մարդիկ ունենան, նուազ ամբարտաւան կ’ըլլան, իրենք զիրենք նուազ անփոխարինելի եւ նախախնամական կը համարեն, զանգուածներուն մէջ այդ խաբկանքը չեն սնուցաներ:

Ժողովրդավարութիւնը մերժումն իսկ է մնայուն ճշմարտութեան, հետեւաբար` յառաջդիմելու եւ միշտ վերանորոգուելու հորիզոնը: Իմաստութիւն, որուն հունով պէտք է կարենանք ըսել, որ միւսն ալ իրաւունք ունի: Նախնականութեան մէջ խեղդուած` ընկերութիւնները կը սիրեն խեղդուիլ քաղաքական ճահիճին մէջ, ամէն անգամ որ կը կարծեն գտած ըլլալ մեսիա մը, նախախնամական ղեկավար մը, մեսիաներ, որոնք յաճախ հայհուչներով կը հեռացուին: Իմաստուն ղեկավարը գիտէ, որ նախախնամական ըլլալու վիճակը մնայուն չէ, քաղաքական հասունութիւն ունեցող հասարակութիւնը գիտէ` մեսիանական ղեկավարը կը ծնի պատմութեան մէկ ակնթարթին, իր անձին մէջ կեդրոնացնելով հաւաքականութեան ակնկալութիւնները, կարելիութիւնները եւ ուժը: Այդ ակնթարթէն ետք մեսիանական ղեկավարը կը դառնայ շարքային քաղաքացի: Այդպէս ալ Բ. Աշխարհամարտի մեծ հերոսը` Ուինսթըն Չըրչիլ, կորսնցուց խաղաղութեան վերադարձի քուէն:

Պարզ է, որ կառչիլ ժողովրդավարութեան` կը նշանակէ կառչիլ տեւաբար փոխելու-փոխուելու գաղափարին, յաւելեալ բարիքի, յաւելեալ արդարի, եւ մարդուն յաւելեալ պայմաններ ընծայելու կարելիութեան, որպէսզի ան ինքզինք կարենայ իրականացնել` չըլլալու համար սոսկ արտադրող եւ սպառող: Այս ճիգը մնայուն որոնում է հաշտեցնելու եսը եւ ընդհանուրը, անհատական շահը եւ հաւաքական շահը: Այսպէս ալ պիտի շարունակուի, եթէ օր մը չիյնանք արհեստական ուղեղներով կառավարուելու-առաջնորդուելու խաղին մէջ, որ պիտի նշանակէ Միշէլ տը Մոնթենէի նկարագրած «ալիքուող եւ զանազանեալ» (ondoyant et divers) մարդուն վերջը:

Իրաւ ժողովրդավարութեան դասը այն է, որ ժամանակները մեզմով չեն սկսած` ըլլանք անհատ թէ հաւաքականութիւն, եւ մեզմով պիտի չաւարտին:

Յաճախ կ’ըսեմ, որ պէտք է յաճախել մեծերու դպրոցը եւ մտածել Ժան-Ժաք Ռուսոյի պէս, որ մարդը կատարեալ չէ, կատարեալ մարդ չկայ, բայց մարդը միշտ կրնայ բարելաւուիլ, կրնանք զայն բարելաւել:

Այս դէպի լաւը մնայուն լարումին դաշտ է ժողովրդավարութիւնը, պէտք է վարժուիլ չընդունելու անփոխարինելի առաջնորդը, երբ գիտենք, որ ան պատմութեան ընթացքին վերածուած  է բռնատէրի:

Այսինքն, իրապէս կեանք տալու համար ժողովրդավարութեան, միշտ պէտք է մերժել մանկամտութիւնը, պարտութիւնը եւ ըլլալ չափահաս` մեծ կամ պզտիկ հարցերու պարագային եւ կացութիւններու մէջ ունենալ չափահասի վերաբերում: Այս աւելի դժուար է պատերազմի դաշտին վրայ վէրք տալ եւ ստանալ:

Կրնանք այս հարցերուն մասին մտածել ընդհանրապէս, այդ պարագային ոչ ոք կ’անհանգստանայ: Կրնանք մտածել նաեւ որպէս հայ, հոն, ուր հայ կայ, բայց այս արդէն աւելի դժուար է: Մեր պատմութիւնը եւ մեր անմիջական ներկան, միշտ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), մտածման առանցք պէտք է ըլլան: Չմտածելով եւ մտածելով չգործելով` մենք մեզ դէմ առ դէմ կը գտնենք անակնկալներու, ծնունդ կու տանք մենատիրութիւններու, փտածութեան, պարտութիւններու:

Յոյսը մանանայ չէ, երկինքէն պիտի չիջնէ: Եւ պէտք է յիշել Ալպեր Քամիւի խօսքը. «Յոյսը, հակառակ ընդունուած կարծիքին, հաւասար է համակերպումի: Եւ ապրիլ` համակերպիլ չէ»:

Կը մեծնանք անհատապէս, կը մեծնանք հաւաքաբար` տուրք չտալով, խուճապը քաղաքականութիւն չհամարելով, չնահանջելով, չհամակերպելով, չսպասելով հրաշք եւ աւելի լաւ օրեր:

Չհամակերպելով:

Չհամակերպիլ ազգային-քաղաքական-բարոյական մշակոյթ է, որուն մեր օրերու բացակայութեան ախտանիշներն են արտագաղթն ու հայրենադարձութեան բացակայութիւնը:

Չհամակերպելու ազգային քաղաքական մշակոյթ ստեղծել եւ տարածել` ղեկավարի պարտականութիւն է:

 

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Ապրուստի Պայմանները 1918-1920 Տարիներուն Գ.

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի այս յօդուածաշարքը կ՛աւարտեմ ՀՅԴ անդամ, նախարարութիւններ ստանձնած, գիւղատնտեսութեան եւ պետական գոյքի, աշխատանքի, արտաքին գործոց եւ վերջին վարչապետ, ապա հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի նախագահ, զանազան պաշտօններ վարած, գրեթէ բոլոր կարեւոր իրադարձութիւններուն ականատես, քանի մը թերթերու խմբագիր, հեղինակ ու յուշագրող Սիմոն Վրացեանի (Գրուզինեան, 1882-1969) յուշերէն, յատկապէս «Հայաստանի Հանրապետութիւն» (1) կոթողային գիրքէն` ապրուստի պայմաններուն մասին հատուածներով եւ օրուան մամուլէն քաղուած նիւթերով, արեւմտահայերէն եւ ամփոփ:

1919-ին`

«… Հակառակ աննպաստ պայմաններուն` Հայաստանը հետզհետէ կ՛ամրանար ու կը բարգաւաճէր: 1919-ի ամրան Հայաստանը արդէն կազմակերպուած պետութիւն էր, բաժնուած` 10 գաւառներու:

«1 մայիսի որոշումով Կողբի աղի հանքերը պետականացուեցան:

«Կառավարութիւնը մեծ գումարներ յատկացուց ներգաղթին (հայահաւաք*). 3 մայիսին 36 միլիոն 200 հազար 800 ռուբլի` Կարսի ներգաղթին, որուն 15 միլիոնը պիտի տրամադրուէր գաղթականներու փոխադրութեան եւ մէկ ամսուան ապրուստին, 17 միլիոն 486 հազար 800 ռուբլի` տնտեսական վերականգնումին, իսկ մնացեալը` վարչական, առողջապահական եւ այլ կարիքներու: 24 յունիսին 9 միլիոն 744 հազար 100 ռուբլի` Ազրպէյճանի Նուխիի, Արէշի, Շամախիի, Կէօքչայի եւ Ղուպայի 20 հազար հայերուն` Հայաստան փոխադրելու համար: Մէկ միլիոն ռուբլին` փոխադրածախս, 3 միլիոն 600 հազար` երկու ամսուան ապրուստի եւ 944 հազար` կազմակերպչական ծախսերու:

«16 մայիսին որոշուեցաւ համալսարան բանալ (բացումը կատարուեցաւ 31 յունուար 1920-ին, Ալեքսանդրապոլի մէջ, Գիւմրի*):

«30 մայիսին որոշուեցաւ մինչեւ յունիս 15 պարպել բոլոր դպրոցական շէնքերը (այլ գործածութենէ*), նորոգել եւ պատրաստել նոր տարեշրջանին` յատկացնելով 10 միլիոն 970 հազար 925 ռուբլի: Տարուան վերջաւորութեան Երեւանի, Կարսի, Ալեքսանդրապոլի, Էջմիածինի, Փամբակ-Լոռիի, Իջեւանի, Նոր Պայազիտի եւ Զանգեզուրի գաւառներուն մէջ կային 431 տարրական դպրոցներ`  1096 ուսուցիչով եւ 38 հազար 15 աշակերտով: 20 միջնակարգ դպրոցներ` 288 ուսուցիչով եւ 5162 աշակերտով:

«15 յուլիսին հիմնուեցան յուշարձաններու պահպանման եւ արուեստի հովանաւորութեան բաժանմունքները:

«10 սեպտեմբերին խորհրդարանը որոշեց Ազգագրական-մարդաբանական թանգարան հիմնել, որուն (Թիֆլիսի*) համանուն ընկերութիւնը իր ամբողջ գրադարանը նուիրեց` շուրջ 10 հազար գիրք, պարբերականներ, 120 ձեռագիր, ազգագրական նիւթեր, թերթեր եւ այլն ու անոր հիմնադիր եւ վարիչ Ե. (Երուանդ*) Լալայեանը կը տեղափոխուի Հայաստան` ստանձնելով նոյն պաշտօնը:

«(12*) հոկտեմբերին աւարտած էր Երեւանի «Ուժեղ» (անուն*) ռատիօկայանին կառուցումը, որ (որուն սփռումը*) կը հասնէր մինչեւ (1000 քմ*) Պասրա (հարաւային Իրաք*), Թաշքենդ (Ուզպեքիստան*) ու Հաշտարխան (Իրան*) (2):

Գիւմրիի մէջ համալսարանին շէնքը այժմ

«17 հոկտեմբերին 5 միլիոն ռուբլի վարկ տրամադրուեցաւ Հայաստանի Կօօպերատիւներու (համագործակցական*) միութեան:

«Տարուան վերջաւորութեան արդէն կը գործէին` թատերական վարժարանը, երաժշտական, հայերէնի, մանկավարժական դասընթացքներ եւ շարք մը այլ կրթական հիմնարկութիւններ:

«Այս քանի մը ոչ լրիւ տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ ծրագրուած աշխատանք կը կատարուէր եւ 1919-ի վերջաւորութեան Հայաստանը համեմատական բարեկարգումի մէջ էր, եւ գուրգուրանքի առարկան էր նաեւ դուրսի հայերուն:… Դեկտեմբերին Թիֆլիսի մէջ կազմուեցաւ Հայ մշակութային հաստատութիւններու միութիւն` բաղկացած Հայ գիւղատնտեսական եւ Հայոց գիտարուեստական ընկերութիւններէն, Հայ բժիշկներու, իրաւաբաններու եւ Հայ կանանց միութիւններէն, Հայոց բարեգործական ընկերութենէն եւ այլն: Միութեան նպատակն էր համադրել ընկերութիւններուն աշխատանքները եւ կարելի բազմակողմանի օգնութիւն եւ լայն աջակցութիւն ցոյց տալ Հայաստանի կառավարութեան` վերաշինութեան գործին մէջ: Միութեան մէջ էին բոլոր հայ մասնագէտներն ու հասարակական գործիչները, որոնք առանց որեւէ ակնկալութեան` պիտի ծառայէին հայրենիքին, ի հարկին նաեւ` տեղափոխուելով Հայաստան:

1920-ին`

«27 յունուարին կազմուեցաւ Սերմանման յատուկ կոմիտէն, որ մեծ եռանդով վարեց սերմնահաւաքը` ամբարելով աւելի քան 350 հազար փութ (5 հազար 705 թոն, փութ=16,3 քկ*) սերմնացու: Փետրուարին 225 միլիոն ռուբլի վարկ տրամադրուեցաւ սերմնացու գնելու համար: 25 մարտին որոշուեցաւ սերմնացու բաշխելու եղանակը. պետական պահեստներէն սերմնացու պիտի տրուէր` (ապառիկ*) գիւղական համայնքներուն, գիւղատնտեսական ընկերութիւններուն, հասարակական եւ պետական հիմնարկութիւններուն, պետական պաշտօնեաներու ընկերութիւններուն ու հասարակական խմբակցութիւններուն: Ստացուած սերմնացուն պիտի վերադարձուէր կալի ժամանակ` բերքով կամ դրամով:

1918-1919 կառավարութեան տպած չեք-դրամներէն 10 ռուբլիի նմուշ մը

«Կառավարութիւնը բաշխեց 375 հազար փութ (6 միլիոն 112 հազար 500 քկ*) սերմնացու, գարի` 206.580 փութ, ցորեն` 65.431, կորեկ` 15.225, բրինձ` 4.026, հաճար` 20.677, կտաւատ` 1.300, գետնախնձոր` 24.204, եգիպտացորեն` 12.368, բանջար` 534 եւ կանկառ` 315: Ամէնէն շատ ստացաւ Կարսը, ապա` Շիրակը, Երեւանի գաւառը, Ղարաքիլիսան, իսկ ամենաքիչը` Դարալագեազը: Բաշխուեցաւ նաեւ 500 փութ բանջարանոցային, բամպակի ու ծխախոտի սերմ:… Կառավարութիւնը հող, վարկ, գործիքներ ու սերմնացու տրամադրեց Սոխումի շրջանէն եկած ծխախոտագործներուն, 30 միլիոն ռուբլի օժանդակութիւն` բամպակագործներուն, 15 միլիոն` այգեգործներուն:

«18 փետրուարին հիմնուեցաւ Հայաստանի Կարմիր խաչը, որուն կանոնագրութիւնը 19 մարտին հաստատուեցաւ խորհրդարանին կողմէ:

«1 մարտին խորհրդարանը 50 միլիոն ռուբլի վարկ տրամադրեց գիւղատնտեսական գործիքներ գնելու համար: Պաթումէն ներածուեցան` հերկելու, հնձելու եւ քամելու մեքենաներ, գութաններ, սերզատներ (սերը կաթէն հանելու մեքենայ*) եւ այլ գործիքներ:

«Խորհրդարանի 1 մարտի օրէնքով արդարադատութեան նախարարութեան դիւանին կից կազմուեցաւ արեւմտահայ եռանդամ իրաւագիտական բաժին, նպատակ ունենալով`

ա.- Մասնակցիլ օրինագիրքերու քննութեան, մշակումին եւ խմբագրումին,

բ.- Ուսումնասիրել արեւմտահայ հատուածին մէջ գոյութիւն ունեցող ընտանեկան, ժառանգական եւ այլ սովորութիւններն ու հասկացութիւնները, անոնց հարազատ ոգին մեր նոր մշակուող օրէնքներուն մէջ պահպանելու համար:

«15 մարտին երդուեալ ատենակալներու դատարանին բացումը տեղի ունեցաւ:

«Ապրիլին ստեղծուեցաւ եւ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ ազգային դրամը:

«Ապրիլին տարրական կրթութեան մասին ընդունուեցաւ հետեւեալ օրինագիծը.

«1.- Պետական դպրոցներուն տարրական կրթութիւնը վեցամեայ տեւողութիւն ունի, որ կը բաժնուի երկու եռամեակներու:

«2.- Տարրական դպրոցներուն մէջ կը դասաւանդուին հետեւեալ առարկաները. հայոց լեզու, թուաբանութիւն, պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, բնագիտութիւն, առողջապահական գիտելիքներ, երգեցողութիւն, նկարչութիւն (գծագրութիւն*) մարմնամարզ եւ ձեռային աշխատանք` ըստ հանրային կրթութեան եւ արուեստի նախարարութեան մշակած ծրագիրին եւ դասաբաշխումին:

«3.- Այն գիւղերուն մէջ, ուր բաւարար թիւով մանուկներ չկան, կը բացուին եռամեայ դասընթացքով դպրոցներ:

«4.- Կեդրոնական գիւղերուն մէջ կը բացուին վեցամեայ դասընթացքով դպրոցներ` ներառելով մերձաւոր գիւղերու աշակերտութիւնը:

«5.- Այն սաներուն համար, որոնք հնարաւորութիւն չունին վեցամեայ դպրոց յաճախելու կամ վեցամեան աւարտելով` միջնակարգ դպրոց անցնելու, համապատասխան դպրոցներուն մէջ կը բացուին չորրորդ եւ եօթներորդ լրացուցիչ դասարաններ:

«Այսպէս, կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ բարելաւումը զգալի էր: Ապրուստի պայմանները հետզհետէ աւելի տանելի կը դառնային, հացն ու կենսական միջոցները անհամեմատ աւելի առատ էին, քան` 1919-ին:

«1 մարտ 1920-ին 1 տոլարը կ՛արժէր 580 ռուբլի (1 ռուբլին = 0,172 ամերիկեան սենթ: 1920-ի 1 տոլարին այժմու 2019-ի գնողական արժէքն է 12,8 տոլար (4)*): 1 թրքական հնչուն ոսկին` 3000 ռ.:

«Ապրուստի պայմաններուն մասին գաղափար կազմելու համար ներկայացնենք պաշտօնէութեան ամսավճարը եւ կարգ մը ապրանքներու գիները` 7 փետրուար 1920-ի դրութեամբ: (Չափերը քիլօկրամի վերածուած եւ կլորեցուած են. 1 ֆունտը` ֆ. նաեւ գրվանքայ` գր. = 409,5 կրամ, կամ` 1 քկ = 2,44 ֆունտ, իսկ 1 փութ = 16,3 քկ*):

«40 կարգի ռոճիկ (ամսավճար*) գոյութիւն ունէր.

«1.- Պաշտօնեաներուն նուազագոյն ամսականն էր 2000 ռուբլի (կամ $3,45, այսօր` $44*):

«2.- Բարձրագոյն ամսականը վարչապետին եւ խորհրդարանի նախագահինն էր` 8150 ռ. (կամ $14, այսօր` $179*):

«3.- Նախարարներուն` 7450 ռ. (կամ $12,84, այսօր` $165*):

«4.- Երեսփոխաններուն` 6800 ռ. (կամ $11,72, այսօր` $150*):

«5.- Դատաւորներուն` 6600 ռ. (կամ $11,38, այսօր` $146*):

Ապրանքին կշիռքը փութէն
եւ ֆունտէն
1 քկ.-ի վերածուած
7-2-1920-ի գիները՝ ռուբլի2019-ի տոլարով
$
Հաց63-681,40-1,50
Ցորեն801,76
Հասարակ ալիւր861,89
Գարի801,76
Գարիի ալիւր741,63
Բրինձ86-1101,89-2,42
Չամիչ195-2204,29-4,84
Կարագ439-4889,66-10,74
Տաւարի միս170-3413,74-7,50
Պանիր146-2443,21-5,37
Դոշաբ (ռուպ*)1102,42
Գետնախնձոր36,60,80
Լոբի (լուբիա*)851,87
Սիսեռ731,61
Սոխ50,11
Կաղամբ19,50,43
Բազուկ170,37
Ստեպղին19,50,43
Մածուն731,61
Կաթ611,34
Երշիկ244-2685,37-5,90
Մեղր414-4409,11-9,68
Ընկոյզ982,16
Կաղին731,61
Նաւթը982,16
Օճառ731,61
Հաւկիթ՝ հատը13-140,29-0,31
Լուցկին՝ տուփը8-100,18-0,22
Փայտածուխ6,80,15
Փայտ (վառելու)4,30,09
Մոմ78117,18
Սուրճ87819,32
Այրերու կօշիկ300066,00
Կանանց կօշիկ400088,00
Փոքրերու կօշիկ120026,40
Կրկնակօշիկ130028,60
Թէյի գաւաթը1202,64
Երեսի անձեռոց1603,52
Օրաթերթին հատը50,11
Ծխախոտի թուղթ տրցակը60,13

7 փետրուար 1920-ի գիներու ցուցակը

«Օրէ օր աճող պետական ծախսերը հոգալու համար կառավարութիւնը կը տպէր թղթադրամ. տպագրական մեքենան ամսական 6-8 հարիւր միլիոն ռուբլի կը տպէր: Մինչեւ օգոստոս (1919*) արդէն յատկացուած էին երկու միլիառ ռուբլի հայկական չեքեր (1920 ապրիլին շրջանառութեան մէջ դրուեցան Լոնտոն տպուած ՀՀ թղթադրամները*):… Բնականաբար դրամական այս հեղեղը մեծ չափով (բացասական*) կ՛անդրադառնար երկրին առեւտրա-արդիւնաբերական վիճակին եւ ապրուստի սղութեան վրայ: Մթերքներուն գինը կը բարձրանար խելայեղ արագութեամբ:

«Կառավարութիւնը ասոր դէմ կը պայքարէր` առեւտրա-արդիւնաբերական կեանքի կազմակերպումով, ոսկիի հիմնադրամի ստեղծումով, համագործակցականները քաջալերելով, մաքսերու եւ հարկերու յաւելումով եւ փոխառութեան միջոցով:

7 փետրուար 1920-ի գիներու ցուցակը, «Յառաջ» 7-2-1920 (5):

«1920-ին սահմանուեցաւ յառաջատուական տուրքի դրութիւն (progressive tax, որ Հայաստանի այժմու կառավարութիւնը փոխեց «համահարթի», այսինքն հարուստն ու աղքատը նոյն տոկոս տուրք կը վճարեն*). տարեկան մինչեւ 18 հազար ռուբլի հասոյթ ունեցողը տուրք չէր վճարեր: 18.000-էն 19.000 հասոյթ ունեցողը 206 ռ. տուրք, 28.000-էն 29.000-ը` 556 ռ., 38.000-էն 40.000-ը` 1000 ռ., 58.000-էն 60.000-ը` 6.600 ռ., 100.000-էն 110.000-ը` 22550 ռ., 200.000-էն 210.000-ը` 56550 ռ., 300.000-էն 310.000-ը` 94550 ռ., 390.000-էն 400.000-ը` 140.000 ռ., 400.000-էն աւելի եկամուտ ունեցողները (140.000-ի կողքին*) իւրաքանչիւր (յաւելեալ*) 10.000-ին պէտք է վճարէր 6100 ռուբլի:

«Այս թիւերէն կը պարզուի Հայաստանի հարկային քաղաքականութեան սկզբունքը. որքա՛ն քաղաքացիին հասոյթը աւելնար, այնքա՛ն պետութեան ստացած տոկոսը պիտի բարձրանար: Սկզբունք մը, որուն համար տակաւին պայքար կը մղեն ժամանակակից ժողովրդավարական առաջաւոր շարքերը»:

Հայաստանի մէջ տակաւին այժմէական են Վրացեանի այս խօսքերը, եւ ՀՅԴ-ն այժմ նաեւ, «Ահազանգ» հասարակական-երիտասարդական շարժումով, ընդդէմ «համահարթ» հարկին, կը պայքարի վերջերս կառավարութեան որդեգրած հակայեղափոխական` մեծահարուստներուն հաճոյք պատճառող հարկային օրէնքին դէմ (6):

20 յուլիս 2019
(Շար. 3 եւ վերջ)

(1)  «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Սիմոն Վրացեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1958, տպարան «Մշակ», Շինարարական վերելք գլուխ, էջ 353-377:

(2)  https://hy.armradio.am/aboutus/

(3)  https://visitorcentre.cba.am/en/Page/94/Money-cycle-in-1918-%E2%80%93-1924

(4)  http://www.in2013dollars.com/us/inflation/1920?amount=100

(5)  «Յառաջ» Բ. տարի, թիւ 28, 7 փետրուար 1920, Երեւան, էջ 3:

(6) http://www.aztagdaily.com/archives/439906

Անդրադարձ. Շրջանին Մէջ Միջազգային Նոր Դաշինքի Մը Կազմութեան Աշխատանքներ

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց, թէ իր երկիրը աշխատանք կը տանի Հորմուզի նեղուցի հսկողութեան համար կազմելու միջազգային դաշինք մը, որուն մաս պիտի կազմեն աշխարհի բոլոր կողմերէն երկիրներ: Անոր բրիտանացի պաշտօնակից Ճերըմի Հանթ իր կարգին յայտարարեց, որ Լոնտոն աշխատանք կը տանի Արաբական ծոցին մէջ ծովային պաշտպանութեան եւրոպական ուժ մը յառաջացնելու` շեշտելով, որ Բրիտանիան Իրանի հետ ճակատումի չի ձգտիր: Հանթ բրիտանական խորհրդարանին յայտնեց, որ նշեալ ծովուժը Թեհրանի վրայ ճնշում բանեցնելու Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան մէկ մասը պիտի չըլլայ:

Դաշինքը միջազգային ըլլայ, թէ եւրոպական, միեւնոյնն է, անիկա այսպէս կամ այնպէս, ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն ուղղուած է Իրանի դէմ, այլ խօսքով` Փոմփէոյի եւ Հանթի ակնարկած դաշինքները իրենց էութեամբ մէկ են: Վերջինիս կողմէ Բրիտանիոյ քայլը ամերիկեան քաղաքականութենէն անջատ ներկայացնելը բրիտանացի օրէնսդիրներուն հաւանութիւնը ապահովելու փորձ մըն է եւ որեւէ ձեւով չ՛ազդեր Թեհրանի մէջ այդ քայլին ընկալման վրայ: Իրանի համար այդ դաշինքը շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքէն ետք եւ Եմէնի մէջ հուսիներու դէմ պայքարի (իմա՛` Իրանի դէմ անուղղակի պայքարի) Արաբական դաշինքէն ետք նոր դաշինք մըն է, այս անգամ` իր դէմ պայքարի:

Ուաշինկթըն եւ Լոնտոն կը պնդեն, թէ Իրանի հետ ճակատում մը չեն ուզեր: Ուաշինկթըն ատոր շօշափելի փաստերը տուաւ. 12 մայիսին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ծովափին մօտ քարիւղատար երկու նաւեր յարձակումի ենթարկուեցան, 13 յունիսին միեւնոյն դէպքը կրկնուեցաւ այս անգամ Օմանի ծովուն մէջ, իսկ 20 յունիսին Իրան վար առաւ ամերիկեան լրտեսական անօդաչու թռչող սարք մը, բայց եւ այնպէս Միացեալ Նահանգներ այդ դէպքերը իբրեւ պատրուակ կամ քասիւս պելլի չօգտագործեցին: Դաշինք կազմելով Իրանի շուրջ օղակը սեղմելու այս քայլը, սակայն, հակառակ ուղղութեամբ առնուած քայլ մըն է, որ այդ ճակատումը կը դարձնէ աւելի հաւանական:

Միւս կողմէ, Իրանի կառավարութեան բանբեր Ալի Ռապիհի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ յայտնեցին, որ Հորմուզի նեղուցին մէջ բրիտանական քարիւղատար նաւուն գրաւումը Ժիպրալթարի մէջ Բրիտանիոյ կողմէ իրանեան քարիւղատար նաւու գրաւման հակադարձութիւն մը չէ: Անոնք այդպիսով փորձեցին սրբագրել Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիի մէկ օր առաջ կատարած` «Յեղափոխական պահակագունդը հակադարձեց բրիտանական ծովահէնութեան» յայտարարութիւնը, որ կու գար ամրապնդելու այդ ուղղութեամբ գոյութիւն ունեցող միջազգային համոզումը, որ հիմնուած է այն իրողութեան վրայ, որ իրանեան կողմը առաջին օրէն արդէն սպառնացած էր ճիշդ այդ մէկը կատարել:

 

 

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Կուսակցութեան Ծածկանուններու Բառարան»-ի Պատառիկներ

$
0
0

Նկատի ունենալով Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան ծնունդին հիմնական պատճառը, որ ի սկիզբէ եղած է հայութեան գերագոյն շահերը պաշտպանել, Հայ դատի լուծման համար պայքարիլ եւ ամբողջական հայութեամբ` ամբողջական հայրենիք կերտել, կուսակցութիւնը բազմատեսակ գործունէութիւն ծաւալած է հազարաւոր գաղափարական նուիրեալներ սուրբ գաղափարի տեսլականով գործած են այս բոլորին իրագործման ի խնդիր:

Անձնազոհ ու նուիրեալ դաշնակցականներ իրենց աննկուն կամքի զօրութեամբ հզօրացուցին եռախորհուրդ սիւներու վրայ հանգչող կուսակցութիւնը` ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Երեք դարերու ընթացքին վստահաբար անապահով ու տագնապալից կեանք մը պիտի հալածէր կուսակցութեան գործունէութիւնը ծաւալող շարքայիններուն` սուլթանին, քիւրտին, թուրքին, ցարին, պոլշեւիկեան եւ այլ իշխանութիւններու տիրապետութեան տակ ապրող հայ անհատին, յատկապէս` դաշնակցական շարքայինին: Սակայն, վարձկաններով ու լրտեսներով շրջապատուած, մարտի ընթացքին բազմաթիւ խոչընդոտներու հանդիպելով, յեղափոխականը ամենայն զգուշութեամբ շարունակեց իր առաքելութիւնը` զերծ պահելու իր ազգը նման խոչընդոտներէ: Գործադրելով գործունէութեան զանազան ձեւեր, բայց անոնց գործունէութիւնը արմատապէս իմաստաւորուեցաւ ծածկանուններու, կեղծանուններու, ծածկագիր, գաղտնագիր, կամ ծածկագրութիւն, գաղտնագրութիւններու գործածութեամբ:

Ծածկանուններու մասին այսպէս կը նկարագրէ Ռուբէն Տէր Մինասեան(*). «… Նկատած եմ, որ մեծ մասով յեղափոխական ընկերները երեք տեսակի կեղծ անուններ որդեգրած են: Կենդանական եւ բնութեան անուններ` Առիւծ, Ասլան, Վիշապ, Մասիս, Սիփան, վերջապէս` Չաքիրկայ, Քոթոթ եւ այլն: Այս անունները բնազդօրէն կամ գիտակցօրէն ցոյց կու տան անուանափոխումներու ներքին ձգտումները: Տիտղոսներ` Կընեազ, Կոմս, Իշխան, Խան, Պարոն եւ այլն, որոնք կը հիմնաւորեն անուանափոխներու ձգտումները, որոնք երբեմն կը յարմարին, երբեմն ալ բնաւ չէին յարմարեր: Երրորդ տեսակն ալ պատմական անուններն են` Արամ, Տիգրան, Վարդան, Վաչէ, Ճափոն եւ այլն, որով անուանափոխը գիտակցօրէն կամ անգիտակցօրէն կ՛ուզէ նմանիլ պատմական իր ճաշակին համապատասխան հերոսներուն: Ասոնք կամովին եղած անուանափոխութիւններ են: Բայց չորրորդ տեսակի կեղծանուններ ալ կան, որոնք ակամայ են եւ չեն ընդունուիր անոնց տէրերուն կողմէ. հարազատը կամ թշնամի շրջապատը անուն մը կը փակցնէ եւ այդ անունը պոկել կարելի չէ, օրինակ` Քեաչալ, Փաշա, Չաւուշ, Դահիճ, Թանաքճի, Զուռնաճի եւ այլն: Այս ակամայ կեղծանունները արտաքին աշխարհին կը պատկանին. անոնք կը բնորոշեն անձը, դէպքերու, անցեալը եւ ներկան»:

Մեր ուսումնասիրութեան ընթացքին յայտնուեցաւ, որ կան այլ տեսակի կեղծանուններ եւս, որոնք կը յիշուին անձերու ծննդավայրի եւ կամ գործած շրջանի անունով, օրինակ` Սեւքարեցի Սագօ, Կիւմիւշխանեցի Աւօ, Սեբաստացի Մուրատ, եւ այլն:

Ինչպէս նշուեցաւ, թէ կան կեղծանուններ, որոնք արտաքին աշխարհին կը պատկանին` հարազատը կամ թշնամի շրջապատը անուն փակցուցած է: Շատ են այն մակդիրները, որոնք յատկապէս թուրքը եւ քիւրտը տուած են, ինչպէս` Դուման, Ղըրէ Ղոլ եւ այլն:

Այս խիստ կարեւոր գործին համար աւելի քան 25 տարի երկարատեւ աշխատանք տարած ենք, հաւաքագրած ու դասակարգած ենք դաշնակցական գործիչներու մեծ թիւով ծածկանուններ: Հաւաքած ու կազմած ենք հազարներու հասնող ծածկանուններ` օգտուելով գրաւոր եւ բանաւոր տեղեկութիւններէ ու աղբիւրներէ: Տարիներու սպառիչ, դժուարին աշխատանք, որ կը պահանջէ տքնաջան աշխատասիրութիւն, համբերութիւն ու բծախնդրութիւն: Առ այժմ դժուար է ստոյգ տալ թիւը ընդգրկուած ծածկանուններու, բայց ստուար այս բառարանը իր ծիրին մէջ ներառած է ֆետայիներու, ազատամարտիկներու, յեղափոխական գրականութեան, արուեստի ու մշակոյթի, պետական, քաղաքական, հասարակական գործիչներու, ինչպէս նաեւ զանազան մարզերու մէջ գործած դաշնակցականներու ծածկանուններ:

Հետազօտական այս աշխատութիւնը առանձնայատուկ կերպով կը ներկայացնէ ՀՅԴ-ի ֆետայական, հայդուկային, յեղափոխական, ազգային-ազատագրական, գրական, մարտական, պետական ու տարբեր բնագաւառներու մէջ գործող նուիրեալներու փաղանգը:

Այս բառարանը բնականաբար կ՛ընդգրկէ արեւելահայ եւ արեւմտահայ, անցեալի ու ներկայի բոլոր դաշնակցականներու ծածկանունները:

«Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան ծածկանուններու բառարան» աշխատասիրութիւնը Դաշնակցութեան գործունէութեան ամբողջ ժամանակահատուածը ընդգրկած է` ծնունդէն մինչեւ օրս: Աշխատութիւնը պատմութեան մէջ եզակի է իր տեսակով` նկատի առնելով պատմութիւն դարձած կուսակցութիւնն ու իր զօրագունդի թիւը:

Դաշնակցականներու ծածկանունները հաւաքածոյի վերածելու այս աշխատանքը վստահաբար պիտի դիմագրաւէր շատ մը դժուարութիւններ ու բարդութիւններ: Ուստի կարելի եղած սահմաններուն մէջ փորձած ենք հարթել բոլոր այդ հարցերը: Սակայն կրնան վրիպած ըլլալ կարգ մը անուններ: Անթերի կամ կատարեալ գործ մը կատարած ըլլալու յաւակնութիւնը չունինք բնաւ: Կը գիտակցինք, որ մեր հասողութենէն վրիպեցան հայոց գոյամարտը կերտողներէն կարգ մը անուններ, արժանաւոր դէմքեր, որոնք անտարակոյս, յաւելեալ արժէք մը պիտի տային այս աշխատութեան, եթէ իրենք ալ ներառուէին:

«Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան ծածկանուններու բառարան» աշխատասիրութեան մէջ նկատի առնուած են հետեւեալ բնագաւառները.

– Ցուցակ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան շարքայիններու ծածկանուններուն, կեղծանուններուն:

– Ցուցակ ՀՅԴ մարմիններու եւ դաշնակցականներու կողմէ տարբեր շրջաններու եւ վայրերու տրուած ծածկանուններուն, կեղծանուններուն:

– Ցուցակ ՀՅԴ մարմիններու ծածկանուններուն:

– Ցուցակ ՀՅ Դաշնակցութեան մարմիններու կողմէ կազմակերպուած գործունէութիւններու ծածկանուններուն:

– Ցուցակ կարեւոր ծածկագրութիւններ եւ այլ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ:

Նշուած դաշնակցականներու ծածկանունին կողքին տրուած է բուն անունն ու ազգանունը ամբողջութեամբ: Սիւնակները նկատի առած ենք այբբենական շարքով:

Անուններու շարքին անոնց կցուած են ծննդեան եւ նահատակութեան, մահուան կամ ալ առեւանգումի թուականները: Մէկէ աւելի թուականներ գտնուելու եւ շփոթ ստեղծելու պարագային, արձանագրած ենք երկուքն ալ (նկատի առած, որ երկու աղբիւրներու ալ հեղինակները լաւատեղեակ են անձի կենսագրութեան): Իսկ թուականը չգտնուելու պարագային, հարցման նշանով ճշդած ենք անոր չգոյութիւնը կամ անգտանելի ըլլալը: Արձանագրած ենք նաեւ մէկէ աւելի ծածկանուններ կրողներու շարքը: Այստեղ կարեւորութեամբ կ՛ընդգծենք, որ կարգ մը ծածկանուններու կողքին, ըստ հնարաւորութեան, յղում կատարուած է ծածկանունի ծագման եւ յառաջացման շարժառիթի համառօտ պատմութիւնը, որ ա՛լ աւելի կը հարստացնէ եւ կ՛արժեւորէ բառարանը:

Այս աշխատասիրութեան մաս կը կազմեն նաեւ այն դաշնակցականները, որոնք հետագային հեռացուած են կուսակցութեան շարքերէն եւ կամ սպաննուած`  իբրեւ պատիժ: Ինչպիսիք են Միհրան` ծանօթ «Միհրանական շարժում», Շահան Նաթալի, Ակսել Բակունց, Սաֆօ, Վազգէն Շուշանեան եւ ուրիշներ:

(Շար. 3)

(*) Տէր Մինասեան Ռուբէն, «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», 6-րդ հատոր, էջ 250:


«Խանասո՜ր Է Պէտք, Խանասո՜ր…»

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ      

– Ե՞րբ կը բազմանան Խանասորները.
– Երբ ժէռ կտրած սրտերը կը հալին,
երբ կոյր ձեւացող աչքերը կը բացուին, երբ խուլ ձեւացող ականջները կը լսեն, արցունքի փոխարէն վառօդը կը խօսի, հառաչանքի փոխարէն հրացանը կ՛որոտայ…

ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

Հայ գրականութեան Ղարիպին` Աւետիս Ահարոնեանի գրիչին կը պատկանին վերոնշեալ խորագիրն ու մէջբերումը: Սրտայոյզ տողեր, որոնց մէջ թաթաւուն կը հնչեն ժամանակակից հայու, հայութեան ապրած ճգնաժամն ու դառնութիւնը:

Իր «Ազատութեան ոգին» գրութեան մէջ (1901թ.), հեղինակը կ՛ողբայ իր ժողովուրդին  ցաւը, կոտորածը, հայրենի գիւղերուն աւերն ու կորուստը, կ՛ափսոսայ, թէ հեռու է իր հայրենիքէն, հայրենի տունէն: Ան պանդխտութեան մղձաւանջը կ՛ապրի իր հոգիի խորերը եւ իր իսկ ստեղծած տիպարին` արեւելքի գեղեցկուհիին (Ազատութեան ոգի) միջոցով կը փորձէ վերադառնալ հայրենի տուն, զգալու ջերմութիւնը հայաբոյր օճախին եւ վերակենդանացնելու պայքարի ոգին հայոց մօտ:

Եւ ահա՛, հեղինակին ակնարկութիւնը Խանասորի արշաւանքին, շեշտադրելով այս պատմական դրուագին հնչեղութիւնը, թելադրականութիւնն ու ազդուութիւնը` գալիք սերունդներուն վրայ:

Իրօք, երբեմն որքան դիպուկ եւ շահեկան են վերընթերցումները, երբ մոռացութեան տրուած տողեր ու մտքեր վերստին լոյսին կու գան եւ նորովի «կը զգեստաւորուին» մտքի պաստառին վրայ` տուեալ պահու իրավիճակէն թելադրուած:

Միւս կողմէ, միթէ չափազանցութի՞ւն ըրած կ՛ըլլանք, եթէ երբեք Ահարոնեանի վերոնշեալ մտածումները մարգարէաշունչ որակենք` տրուած ըլլալով, որ անոնք սերտօրէն կ՛առնչուին հայոց կեանքին, հասնելով մինչեւ Արցախեան գոյամարտի օրագրութիւն եւ հետագայ տարիներ:

«Խանասո՜ր է պէտք, Խանասո՜ր…»:

Իսկ ինչի՛ մասին է խօսքը, պատմական դրուագի՞ մը, քիւրտ ցեղախումբի մը դէմ արշաւանքի կազմակերպմա՞ն, հայ բազուկի հարուածի ուժգնութեա՞ն, թէ՞ ընթացիկ զինուորական արարքի մը, որ տեղի է ունեցեր 122 տարի առաջ հայոց լեռներու լանջերուն կամ դաշտերուն վրայ:

Յայտնապէս, հայոց պատմութեան ոսկեայ էջերէն չեն պակսիր այնպիսի յաղթանակի պատումներ, որոնք պատուաբեր են եւ յարգանքի արժանի:

Այդուհանդերձ, արձանագրուած այդ անհաշուելի դրուագներու եւ հերոսական մարտերու կողքին ու գագաթին իր տեղն ու դերը ունեցած է Խանասորայ արշաւանքը:

Ինչո՛ւ:

Որովհետեւ արշաւանքը կ՛ընդգրկէ երկու հիմնական յատկութիւն, արժեչափ. եզակի մտայղացում (պատժական-վրիժառական) եւ կազմակերպչական տաղանդ (հարուածելու կամք): Աւելի՛ն. այս արշաւանքը խորքին մէջ կը բովանդակէր ուրոյն թելադրականութիւն մը` հայոց միասնականութեան ոգին ու արժանապատուութիւնը վառ պահող: Փաստօրէն, Խանասորայ դաշտին վրայ արձանագրուած յաղթանակը, եթէ երբեք մէկ կողմէ կը զգետնէր քիւրտ հրոսակները, ապա միւս կողմէ հայ բազուկի եւ նահատակներու վրէժ կը լուծէր` ցոյց տալով զազիր թուրքին, թէ հայ ֆետայիի  պարտաւորութիւնն է տէր կանգնիլ  նահատակ տղոց հեղած արեան:

Կարմիր սուլթանի մարդակեր ոճիրները (1895-96), որոնք տեղի ունեցած էին ամբողջ Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ տարածքին, պատճառ դարձած էին երեքհարիւր հազար հայերու սպանդին: Արիւնառուշտ սուլթանը, թէեւ կ՛որոճար աւելին, սակայն եւրոպացիներու միջամտութիւնը, իրենց կեղծ ու ստապատիր վարքագծով, փորձ մըն էր մեղմելու ոճիրին ահաւորութիւնը:

Վանի հայութիւնը ձեւով մը զերծ կը մնար սպանդներէ, որովհետեւ դիմած էր ինքնապաշտպանութեան: Մարտերուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին հայ երեք կուսակցութիւններու ազատամարտիկները: Սակայն, ինչպէս միշտ, օտարներու միջամտութիւնն ու յեղյեղուկ քաղաքական հաշուարկները կը պարտադրէին, որ Վանի ֆետայիները, թիւով 800 հոգի, լքեն քաղաքը եւ հեռանան դէպի պարսկական սահման:

Դէպի Վասպուրականի լեռները հեռացող ֆետայիները կը թակարդուին թշնամի ուժերու կողմէ եւ մինչեւ մահ կը կռուին: Թուրքին կողմէ հրահրուած, այս անգամ Մազրիկ ցեղախումբը, իր կարգին մասնակցած էր սպանդին:

Հարիւրաւոր ֆետայիներու գլխուն կանգնած էին պաշտելի ղեկավարներ` արմենական Աւետիսեան, հնչակեան Մարտիկ եւ դաշնակցական Պետօ, որոնք իրենց կորիւններու հետ կը նահատակուին պատերազմի դաշտին վրայ` ամենագեղեցիկ ու վաւերական ապացոյցը տալով հայ մարտունակ բազուկի միասնական ուժին եւ գաղափարական կեցուածքին:

Իրօք, հայութիւնը ստացած էր ուժգին հարուած: Ազատամարտիկներու եւ ողջ հայութեան բարոյահոգեբանական վիճակը առաւել մտահոգիչ էր: Յուզումի եւ ողբի առընթեր, հիասթափութիւնն ու յուսալքումը աւերներ կրնային գործել:

Հարկ էր սթափիլ հարուածէն եւ լծուիլ աշխատանքի: Հայութեան արիւնոտ ծոցէն ծնունդ առած յեղափոխականի մը, անկրկնելի հայդուկապետի եւ եզակի ռազմագէտի` Նիկոլ Դումանի մտայղացումը ինքնին փրկութեան լաստն էր, ամօթի խարանէն ձերբազատելու եւ իր որջին մէջ հարուածելու դաւադիր թշնամին:

Փաստօրէն, ՀՅ Դաշնակցութեան 1896-97 Ռայոնական ժողովը կ՛որդեգրէր Նիկոլ Դումանի ծրագիրը, հակառակ կարգ մը ընկերներու տրտունջքին եւ անհամաձայնութեան (նկատի առած արշաւանքի ծանր գործն ու առաջնահերթ այլ աշխատանքներու հրատապութիւնը), եւ անոր կը յանձնէր կազմակերպչական աշխատանքի հսկայ ու ծանր պատասխանատուութիւնը` յաջողութեամբ պսակելու արշաւանքը:

Քրիստափոր Միքայէլեան եւ ուրիշներ թիկունք էին Նիկոլ Դումանի: Անոնք հաւատք ունէին նման երկաթեայ կամք ունեցող հայդուկի ուժեղ մտքին ու բազուկին: Իր կարգին, Նիկոլ Դուման, այդ ահաւոր օրերուն, երբ զէնքի ու զինամթերքի կարիք կար, երբ ֆետայիներու մարզումը անհրաժեշտութիւն էր, երբ յոյժ գաղտնի եւ ծրագրուած աշխատանքը հրամայական էր, կը յաջողի իր լրումին հասցնել ստանձնած պատասխանատուութիւնը, կը պատրաստէ աւելի քան 250 հոգինոց արշաւախումբ մը եւ ինք կը ստանձնէ յիսնապետի պաշտօնը` Խանասորայ Վարդանի (Մեհրապեան) ղեկավարութեան տակ:

Ու կը հասնէր պատժիչ գործողութեան պահը:  25 յուլիս 1897-ին, Արաուլ լերան լանջին կայք հաստատած հայոց դիւցազունները, այգաբացին, կը ստանան յարձակման ազդանշանը  եւ համազարկ բանալու հրահանգը:

Ֆետայիները, թէեւ լեցուած էին վրէժխնդրութեամբ, սակայն ականջալուր էին աննման հայդուկապետի պատգամին. «Կանանց երբեք ձեռք տալու չէ՛ վրիժառու հայ ֆետային»:

Իրօք, Խանասորայ դաշտին մէջ վրանաբնակ մազրիկ ցեղախումբը, ի տես տեղատարափ համազարկին, անակնկալի եկած, կը դիմէր փախուստի: Նոյնինքն ցեղախումբի պետը` Շարաֆ բեկ, կնկայ շորերով ծպտուած փախուստ կու տայ, ցոյց տալով իր վախկոտ-թալանիչի կազմաւորումը:

Յետ սաստիկ մարտերու, Խանասորայ դաշտի քրտական վրանաքաղաքը հրկիզուած էր, մազրիկ  քիւրտը ստացած էր շառաչիւն հարուած եւ տեղի տալով հայ մարտական բազուկին ու կամքին առջեւ` փախուստ տուած էր շրջակայ լեռներ:

Հայոց արշաւախումբը, իր կարգին, ունեցած էր անդառնալի կորուստներ: Կային նահատակներ եւ բազում վիրաւորներ: Կռուողներու շարքին էր Ռոստոմի եղբայրը` Կարօ Զօրեան, որ մինչեւ մահ մարտնչած էր իր ընկերոջ կողքին:

Հայութիւնը կ՛ապրէր հոգեփոխութեան եւ ցնծութեան օրեր, թէեւ արշաւանքի ի պատասխան թուրքն ու քիւրտ զազրութիւնը դիմած էին ջարդի` տարբեր վայրերու մէջ: Ճիշդ է, որ հայ գիւղեր ենթարկուած էին բարբարոս յարձակումներու եւ տուած աւելի քան հինգ հազար զոհ, այդուհանդերձ, հայ ժողովուրդը ցոյց տուած էր իր խոյանքը, ցասումն ու դարերու կուտակուած պոռթկումը:

Դաշնակցական գրիչներ ու պատմաբաններ ամէն պատեհ առիթի շեշտած են այն իրողութիւնը, թէ Խանասորայ արշաւանքը պէտք չէ հատուածականութեամբ պիտակաւորել, այլապէս անիկա միասնականութեան ամրապնդման խորհրդանիշ է եղած, դաշնակցական աքթ մը ըլլալով հանդերձ, համազգային հնչեղութիւն ունեցող արարք է ըստ ամենայնի` վրէժխնդիրի ու պատժիչի որակով օժտեալ:

Այսօր վերանկախացած հայրենիքի երկնակամարին վրայ, երբ զազիր թուրք-ազերին կրկին կը սպառնայ հայոց գոյութեան եւ բնաջնջումի երազներ կ՛որոճայ, երբ Արցախի հերոսական բանակը ամէն օր կուրծք կը ցցէ թշնամի հրոսակներու, երբ Նախիջեւանի մէջ հաստատուած թրքական բանակներ տիւ եւ գիշեր կը պատրաստուին յարմար առիթին` ներխուժելու Հայաստան, երբ Արարատի գագաթին սեւ ամպեր կը կուտակուին, ի՛նչ կը մնայ հայոց պետական այրերուն ու քաղաքական մտքի ղեկավարութեան ընել, եթէ ոչ ցուցաբերել վճռակամութիւն, առաւել զգօնութիւն եւ միասնական ոգի` հեռու մնալով ամբոխավարական հաճոյքներէ, ատելութեան սերմեր հրահրելէ, պարզապէս յագուրդ տալով սեփական մտմտուքներու:

Հայոց բանակը այսօր, աւելի քան երբեք, պարտաւոր է իր շարքերուն ջամբել ազգային արժէքներու հայեցակարգը, զինուորական հաւատոյ հանգանակին վրայ գումարելու Խանասորայ արշաւանքին այժմէականութիւնն ու խոր իմաստը:

Փաստօրէն, Արցախի հպարտ լեռներու թէ սահմաններու վրայ կատարուող հայոց բանակի պատժիչ գործողութիւնները` թշնամիին դէմ, այլապէս իրենց բնոյթով կը կրեն Նիկոլ Դումանեան ռազմագէտի պայծառ մտածողութիւնն ու երկաթեայ կամքին թելադրականութիւնը:

Արդ, Խանասորները միշտ պէտք են եղած հայոց համար:

 

 

Քաղաքական Անդրադարձ. Էրտողանի Դէմ Նոր Կուսակցութի՞ւն

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Թուրքիոյ նախկին նախագահ եւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հիմնադիրներէն Ապտուլլա Կիւլ վերջերս կը մտածէ նոր կուսակցութիւն մը հիմնելու մասին: Տարիներէ ի վեր Կիւլը լուռ եւ հեռու մնացած էր երկրին քաղաքական անցուդարձերէն, եւ 2016-ի ձախող «յեղաշրջում»-ին ժամանակ իր անունը տարածուած էր իբրեւ «թեկնածու»` կարճ ժամանակով փոխարինելու նախագահ Էրտողանը, մինչեւ որ նոր ընտրութիւններ կազմակերպուէին:

Սակայն Կիւլ մինակը չէր, որ ընդվզած էր Էրտողանի քաղաքականութենէն, անոր կողքին էր նաեւ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն, որ Կիւլի մտերիմ բարեկամն էր, եւ ան ալ Էրտողանի կողմէ հեռացուեցաւ քաղաքական դաշտէն: Քաղաքապետական վերջին ընտրութիւններուն ան խստիւ քննադատեց Էրտողանի միակողմանի անհատապաշտ քաղաքականութիւնը («Ռոյթըրզ», 30 յունիս 2019): Ան ըսաւ, որ նախագահը իր խոստումները չի յարգեր, եւ որ` ան պատասխանատու է երկրին քաղաքական ու տնտեսական անկայունութեան: Ան նաեւ հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է, որ ամիս մը առաջ կուսակցութիւն մը 13.000 ձայնով պարտուի եւ ամիս մը ետք անիկա պարտուի 800.000 ձայնի տարբերութեամբ: «Ուրեմն կուսակցութիւնը կորսնցուցած է ժողովուրդին վստահութիւնը», ըսաւ Տաւութօղլու: Ան նաեւ աւելցուց. «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը անհատի կամ ընտանիքի մը կուսակցութիւնը չէ, այլ` ժողովուրդին. ժամանակը եկած է, որ այլեւս լուռ չմնանք» («Ռոյթըրզ», 30 յունիս 2019):

Շատերուն համար նաեւ անակնկալ էր, որ նախկին փոխվարչապետ Ալի Պապաճան 8 յուլիսին հրաժարականը տուաւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն եւ յայտարարեց, թէ` «ժամանակն է, որ այլեւս մտածենք Թուրքիոյ ապագային մասին»: Պապաճան շատերուն կողմէ կոչուած է «Թուրքիոյ տնտեսական ցարը», որովհետեւ ան ծրագրած է Թուրքիոյ տնտեսական վերելքը, եւ երկիրը իր տնտեսական յառաջխաղացքը կը պարտի անոր ջանքերուն («Ալ Մոնիթոր», 16 յուլիս 2019): Այսպիսով, Էրտողան կորսնցուց այլ կարեւոր գործընկեր մը եւս իր կուսակցութեան մէջ, եւ անոր շուրջ օղակը օրէ օր կը նեղնայ:

Տակաւին յստակ չէ, թէ Պապաճան պիտի միանա՞յ Կիւլին, սակայն նախկին նախագահը արդէն իսկ 69 տարեկան է, եւ կը մտածէ, որ նոր կուսակցութիւնը ղեկավարուի աւելի երիտասարդ փորձագէտով մը. շատ հաւանաբար ընտրութիւնը կատարուի  Տաւութօղլուի կամ Պապաճանի միջեւ: Յստակ չէ նաեւ այս նոր կուսակցութեան տեսլականը, սակայն անիկա պիտի ունենայ իսլամական արմատներ եւ պիտի փորձէ իր յարաբերութիւնը բարելաւել Արեւմուտքին հետ:

Երբ Էրտողան Թուրքիան սկսաւ ուղղել դէպի Արեւելք, մասնաւորապէս` Ռուսիա, Կիւլ դէմ էր այս կարծիքին եւ կը հաւատար, որ Եւրոպան իր տնտեսական գործօնով կրնայ ժողովրդավարական կարգերը հաստատել Թուրքիոյ մէջ: Հաւանաբար այս կարծիքը կիսէ նաեւ միջին դասակարգի պահպանողական խաւը, որ վերջերս տնտեսական դժուարութիւններու առջեւ է: Այս նոյն խաւը, որ մէջտեղ բերաւ Էրտողանը, կրնայ զայն դուրս դնել իշխանութենէն:

Շատ հաւանական է նաեւ, որ նոր կուսակցութեան հիմնադրումով Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն բազմաթիւ երեսփոխաններ միանան այս նոր շարժումին,  Էրտողան կորսնցնէ խորհրդարանին մէջ իր կուսակցութեան մեծամասնութիւնը, եւ նոր ընտրութիւններ կայանան: Ըստ երեւոյթին, Էրտողանի իշխանութեան «վերջաւորութեան սկիզբը» նոր փուլ մը մտաւ:

Yeghia.tash@gmail.com

 

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Թրամփեան Քմահաճոյք…

$
0
0

Սենարիոն կը յիշեցնէ դարաշրջանի սկիզբը Իրաքի վրայ կատարուած ներխուժումն ու ղեկավար Սատտամ Հիւսէյնի տապալումը` պատրուակ ունենալով 11 սեպտեմբեր 2001-ի ահաբեկչական արարքները:

Այս անգամ թիրախը Իրաքի դրացի եւ, 1978-ի շահի վարչակարգին տապալումէն ի վեր, Միացեալ Նահանգներու ոխերիմ թշնամի Իրանն է: Սակայն դժբախտաբար, գոյութիւն ունեցող քաղաքական իրավիճակէն աւելի, դէպքերու վերջին զարգացումները աւելի կապ ունին անհատական հաշիւներու եւ նոյնիսկ քմահաճոյքի հետ:

Աւելի դիւրին ձեւով կարելի է բացատրել: Իրանէն աւելի` Թրամփը ջղայնացնողն ու զայրացնողը Սպիտակ տան նախկին վարձակալ Օպաման է` սկսելով երկրի ընկերային հարցերէն` առողջապահական ապահովագրութենէն մինչեւ կենսոլորտի պահպանում ու հասնելով մինչեւ միջազգային յարաբերութիւններ եւ արտաքին քաղաքականութիւն:

Հարցը կարելի է դիտել հետեւեալ ձեւով: Եթէ Օպամա իր նախագահութեան օրերուն սպառնացած ըլլար Իրանի, հաւանաբար Սպիտակ տան ներկայ վարձակալը ամէն ճիգ պիտի թափէր վերստին շփումներ հաստատելու եւ պատժամիջոցները մեղմացնելու:

Դժբախտաբար դրութիւնն ու կացութիւնը տարբեր էին: Օպամա յատկապէս իր երկրորդ քառամեակի վերջին օրերուն կրցած էր «լեզու գտնել» ու բանակցիլ Թեհրանի հետ` խոստանալով վերացնել տնտեսական արգելքները: Հետեւաբար այս պարագային Թրամփի եւ հետզհետէ նօսրացող իր անմիջական միջավայրին մէջ ստեղծուած էր միջազգային բնոյթ ունեցող «Իրանեան Օպամաքեր» մը:

Դիտորդին համար դիւրին էր կռահել ու եզրակացնել, թէ դէպքերը ինչպէ՛ս պիտի ընթանային: Հորմուզի նեղուցին մէջ քարիւղատար նաւերու վրայ յարձակումներ եւ դեռ աւելի` Ճիպրալթարի նեղուցին մօտ իրանական քարիւղատարի մը գրաւումը այն պատրուակով, որ կ՛ուղղուի դէպի Սուրիա…անհասկնալի ուղեւորութիւն կամ աւելի ճիշդը պատրուակ, պարզապէս երբ աշխարհագրականօրէն նկատի ունենանք, թէ Ճիպրալթարը որքա՜ն հեռու է Սուրիայէն եւ Իրանէն:

Շարունակելով սենարիոն, այնքան զայրացած է Սպիտակ տան ներկայ վարձակալը, որ չեղեալ կը նկատէ քանի մը տարի առաջ պատժամիջոցները մեղմացնող համաձայնագիրներ, որոնց կարգին` յատկապէս հիւլէականը: Թեհրանի պատասխանը արագ էր: Որոշում տրուեցաւ կրճատել հիւլէական համաձայնութեան յանձնառութիւնը` բարձրացնելով իւրանիոմի աւելի բարձր համեմատութեամբ հարստացումը:

Այսպէս, Թրամփ դուրս գալով Իրանի հետ կնքուած միջազգային համաձայնագրէն` նոյնքան սպառնական ոճով կը սպառնայ պատժել այն երկիրները, որոնք կը շարունակեն Իրանի հետ տնտեսական կապեր ունենալ: Բնականաբար այս «նոն կրաթա»-ի ցանկին վրայ է նաեւ հիւսիսի սահմանակից Հայաստանը, որ դեռ քանի մը ամիս առաջ յատուկ համաձայնագիր մը կնքած էր երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող ուժանիւթի, բնապահպանութեան, փոխադրութեան, ելեւմուտքի, առեւտրական-տնտեսական, կրթութեան, մշակոյթի եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ:

Բնականաբար անակնկալ մը չէր, երբ աշխատանքային այցելութեամբ Ուաշինկթըն ժամանած Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը իր ելոյթին ընթացքին ամենայն տրամաբանութեամբ յայտարարած էր, որ Հայաստան չի կրնար հրաժարիլ ամերիկեան պատժամիջոցներու ենթակայ Իրանէն բնական կազ գնելու ընտրանքէն:

Նկատի ունենալով Սպիտակ տան մէջ ներկայ կացութիւնը, այսինքն` Թրամփեան քմահաճոյքը, մետասաներորդ պահուն այլ թնճուկ մը կրնայ մոռացութեան մատնել այս «Իրանեան Օպամաքեր»-ը:

 

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Վերանորոգումի Առիթը Այսօր Իսկ Փնտռել

$
0
0

Ամառնային շրջանի հանգիստի մթնոլորտին մէջ ամէն տեսակի զբաղումներու հետ կը նուազի նաեւ մեր գաղութի գործունէութիւնը: Համախմբուելու առիթները սակաւաթիւ են, իսկ վարչական սեղաններուն շուրջ գործունէութիւնը եւս կ՛ազդուի վարչականներու արձակուրդի բնական ու տարրական մարդկային պահանջէն:

Ընդհանրապէս, ամառնային հանգիստի մթնոլորտին մէջ, անտրամադիր կ՛ըլլանք մտածելու վերամուտէն ետք բոլոր այն մարտահրաւէրներուն մասին, որոնք մեր ազգային եւ հասարակական կեանքի անբաժան մասնիկները կը կազմեն: Կը նախընտրենք այդ տեսակի մտածումները ձգել վերամուտին, մինչ այն ժամանակ եւս առօրեայ աշխատանքներու հեւքի մէջ դարձեալ մտնելով` վերարժեւորման ու վերանորոգման մտահոգութիւնները յաճախ կը մնան մեր մտածումներու մութ սենեակներուն մէջ:

Մեր գաղութի ազգային եւ հասարակական գործունէութիւնը, ինչպէս նշմարուած է ամէն տեսակի կենդանի եւ գործուն հաւաքականութիւններու պարագային, մշտապէս կը կարօտի մտածելակերպի ու գործելաձեւի վերընձիւղման: Անիկա հրամայական եւ անյետաձգելի պահանջ մըն է, մանաւանդ երբ սփիւռքեան իրականութեան մէջ կարելի չէ պատահականութեան ձգել մեր համայնքային բազմաշերտ կեանքի հինգ, տասը կամ քսան տարի յետոյ իրավիճակներու կանխատեսումը:

Մեր համայնքային գործունէութեան գլխաւոր մարտահրաւէրները` հայապահպանման, այլասերումի դիմագրաւման, ազգային դաստիարակութեան, կրթական համակարգի, նոր սերունդի կազմաւորման, միութենական եւ ակմբային կեանքի ծաղկումին, անոնց կազմակերպական հզօրացման, յարմար մարդուժի պատրաստութեան, ժողովուրդին հետ մնայուն շփման մէջ մտնելու ու անոր բազկերակին տրոփիւնները զգալու ամէն տեսակի մտահոգութիւնները այսօր կը կարօտին լուրջ վերարժեւորման: Եթէ այդ հիմնախնդիրներուն վրայ աւելցնենք նաեւ յունահայ համայնքի թուական պատկերը ու կազմակերպ կեանքէն հեռու մնացած հազարաւոր հայրենակիցներու (յատկապէս` Հայաստանէն արտագաղթած) դառն իրականութիւնը, այս բոլոր հարցերը դիմագրաւելու համար հրամայական կը դառնայ հաւաքական մտածողութեան զարգացման պահանջը, որուն վրայ հիմնուած պիտի ըլլայ որեւէ արմատական փոփոխութեան եւ վերակազմակերպման հոլովոյթը:

Հետեւաբար ամրան հանգիստի շրջանը «անշարժութեան» մթնոլորտէն մեզ դուրս հանելու առիթ մը պէտք է հանդիսանայ: Չսպասենք վերամուտին, այնպէս, ինչպէս աշակերտ մը անտրամադիր կ՛ըլլայ դուրս գալու ամրան արձակուրդի մթնոլորտէն եւ ազդեցութենէն:

Հիմա ժամանակն է, որ ամէն մէկ վարչական պատասխանատու անձ խորհի վերեւը նշուած կենսական հարցերուն մասին, ապա լուծումներ մշակէ գալիք վերամուտին զանոնք հիմնական օրակարգերու հաւաքական քննարկման ու նորաձեւ լուծումներուն ուղիին մէջ դնելու համար:

Վերամուտը մեզ պէտք է գտնէ կազմ ու պատրաստ` առանց աւելորդ յապաղումի:

Մուշի Գիւղերէն Մէկուն Մէջ Ողջակիզուած Հայերու Աճիւններ

$
0
0

ԱՆՐԻ ՊԱՐՊԻ
Ֆրանսացի լրագրող

Լուսանկարին մէջ թուրք զինուորներու կողմէ սպաննուած հայերու գանգերն ու ոսկորներն են: Լուսանկարը առնուած է Մուշի շրջանի Ախջան գիւղի տուներէն մէկու աւերակներուն մէջ, ուր հաւաքած ու ողջակիզած են գիւղի հարիւրաւոր տղամարդիկը, կիներն ու երեխաները:

Մեծ եղեռնի տարիներուն թուրք ջարդարարները կը դիմէին տարբեր միջոցներու` հայերու զանգուածային կոտորածներն առաւել արագ ու արդիւնաւէտ իրականացնելու համար: Յաճախ թուրքերը կը փակէին տան բոլոր դռներն ու պատուհանները եւ երդիքէն իրենց զոհերը կը նետէին ներքեւ` մինչեւ տունը ամբողջութեամբ կը լեցուէր, այնուհետեւ անոնց վրայ քարիւր կը լեցնէին ու կը վառէին: Հազարաւոր մարդիկ այսպէս նահատակուեցան:

Այս լուսանկարը առնուած է Ֆրենկ Դանիէլեանին կողմէ. ան 1915-1917 թուականներուն Կովկասի մէջ ծառայած է ամերիկահայ կամաւորներու 4-րդ հայկական գունդին մէջ եւ հնարաւորութիւն ունեցած է Արեւմտեան Հայաստանի շարք մը քաղաքներու մէջ լուսանկարներ առնելու: Անոնք կը վկայեն թուրքերու ու քիւրտերու կողմէ հայերու նկատմամբ կիրարկուած սարսափելի դաժանութիւններու մասին:

Ֆրենկ Դանիէլեանին կողմէ առնուած լուսանկարներուն մէկ մասը հրապարակուած է ամերիկեան մամուլին մէջ: Առաջին անգամ անիկա տպագրուած է «Leslie՛s Illustrated» պարբերականի 1917 յունիս 28-ի թիւին մէջ:

«Ով որ այժմ կ՛անցնի ամայացած Հայաստանէն, չի կրնար չցնցուիլ. այնքան արտառոց բաներ կը պատմեն աւերակներն ու մահուան անվերջանալի հեռաստանները… Չկայ անդունդ մը, կիրճ մը, որ գերեզման չըլլար բաց երկնքի տակ, որուն խորքը սպիտակին չտային կմախքներու բաց կոյտերը, քանի որ մարդախողխող ոճրագործները ո՛չ ժամանակ ունէին, ո՛չ ալ նեղութիւն կը քաշէին իրենց զոհերը թաղելու համար»:

 

Լուսանկարի աղբիւրը`
«Leslie՛s Illustrated», 28 յունիս 1917

Viewing all 13201 articles
Browse latest View live