Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 13201 articles
Browse latest View live

Ազերիական Ախորժակները Զսպելու Պայքար

$
0
0

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Տարիներ առաջ, Ազրպէյճան Արցախի օդակայանի վերաբացման նախօրէին սպառնացած էր քաղաքացիական թռիչքները ռմբակոծել` արգելք հանդիսանալու համար օդակայանի գործարկումին: Այն ժամանակ նախագահ Սերժ Սարգսեան բուռն կերպով հակազդած էր ազերիական սպառնալիքին եւ` յայտարարած, թէ ինք պիտի ըլլայ Երեւան-Արցախ առաջին ճամբորդը. այսուհանդերձ, հայկական կողմը չէր կրցած յաղթահարել այդ սպառնալիքը` հակառակ երկրի նախագահին յոխորտանքին:

Անցեալ շաբաթ, շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի ջանքերուն, քոնկրեսական Շըրմըն քուէարկել տուաւ բանաձեւ մը, որ ամերիկեան կառավարութեան կ՛արգիլէր Ազրպէյճանին ծախել ռազմական միջոցներ, որոնք կրնան գործածուիլ Արցախի օդակայանի քաղաքացիական օդանաւերուն վրայ կրակելու նպատակով: Թէեւ Ազրպէյճան պէտք չունի ամերիկեան ռազմամթերքի` խոցելու համար Արցախի քաղաքացիական թռիչքները, այսուհանդերձ, բանաձեւը Միացեալ Նահանգներու կողմէ ազդարարութիւն մըն է Ազրպէյճանին, զայն սաստելու ձեւ մը` ուղղուած անոր ռազմական ախորժակներուն ու հռետորաբանութեան:

Անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգները արձանագրեցին երկրորդ հայանպաստ նախաձեռնութիւն մը, այդ եւս` Հայ դատի ջանքերով. Քոնկրեսին մէջ Չուի բանաձեւի որդեգրումով, որ կը պահանջէր Արցախ-Ազրպէյճանի սահմանի հսկողութեան համար դիտարկումի սարքեր զետեղել` նուազեցնելու համար սահմանային լարումը եւ մահացու միջադէպերը: Պահանջ մը, որ մասնաւորապէս ապրիլեան պատերազմէն ետք յաճախ ներկայացուած էր հայկական կողմէն, սակայն ցայսօր թուղթի վրայ մնացած էր:

Արցախի եւ Հայաստանի ի նպաստ այս բանաձեւերը եկան հակակշռելու ֆրանսական կառավարութեան կողմէ Ֆրանսա-Արցախ քոյր քաղաքներու բարեկամութեան ուխտերը արգիլող դատավճիռը եւ Պաքուի մէջ 30 յունիսէն 10 յուլիս, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան խորհուրդի 43-րդ նստաշրջանին գումարումը: Այս երկուքը ազերիական դիւանագիտութեան կարեւոր ձեռքբերումներն են, որոնք ցոյց կու տան հայեւազերիական հակամարտութեան բազմաթիւ ծալքերը` ռազմականէն մինչեւ դիւանագիտականն ու քարոզչականը. Հայաստանի ներքաղաքական հակադրութեանց պայմաններուն մէջ աւելի հրամայական կը դառնայ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք սերտ գործակցութիւնը` կարենալ դիմակայելու համար Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ տեւական յարձակումներուն եւ սպառնալիքներուն:

Ֆրանսայի մէջ պայքարի նոր էջ մը բացուեցաւ Մաքրոնի կառավարութեան կողմէ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան ուխտերու դատական ջնջումով: Անցեալ շաբաթ հանրային ցոյցի կոչով առաջին փորձ մը կատարեցին նորսերունդականները: Աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է համագործակցութեան ռազմավարութեան մը մշակումը` թէ՛ ներհայկական, թէ՛ ֆրանսահայկական մակարդակներով, հակակշռելու համար ազերիական կառավարութեան հակահայ քաղաքականութիւնը:

«Նոր Յառաջ»


Նոր Սրբավայր

$
0
0

ԵՐՈՒԱՆԴ ԳԱՐԱՃԵԱՆ

Յաւերժ անմար հինգ ջահեր կան
Սրբավայրին մէջ այդ նոր,
Որոնց մէջն հինգ հայ սուրբերուն
Կը վառի արիւնն ամէն օր:

Սրբավայրէն այդ հեռաւոր,
Սրտին վրայ Լիզպոնի,
Այդ ջահերը լոյս կը սփռեն
Չորս ծագերուն աշխարհի:

Ազատութեան լոյսն է այդ վառ
Բռնութեան դէմ խաւարին,
Եւ բարբարոս ցեղասպանին`
Ազդ մը մխուած իր գանկին:

Ուր որ հայու բեկոր մը կայ,
Հայու սիրտ մը բաբախուն,
Ուժ կ՛առնէ այդ լոյսէն անմար,
Կորով, հաւատք աննըկուն`
Թէ պիտ կերտէ հայն անպայման
Իր լուսաշող ապագան:

Անոնք էին հայրենասէր
Հինգ քաջարի պարմաններ,
Որ իրենց կեանքը թանկագին
Մատաղ բերին հայ բագինին,
Մատաղ բերին, որ յաւիտեան
Ապրի հայը անսասան:

Հայորդիներն, այդ գերագոյն
Զոհաբերման հուսկ պահուն,
Ի՞նչ տեսան եւ ի՞նչ ըզգացին,
Երբ մահն անմահ գրկեցին:

Ակնարկն անոնց վըրիժավառ
Տեսաւ ջարդ ու կոտորած,
Տեսաւ կոյսեր բռնաբարուած
Ու մանուկներ սրահար:
Հայու գիւղեր տեսաւ ճարակ
Հուր ու ծուխի, ու ողջ-ողջ`
Տեսաւ հայեր գերեզմանուած
Եւ խողխողուած ազգ մ՛ամբողջ,
Հայաստանը տեսաւ համակ
Հայու արեան մէջ խրուած…

Եւ հերոսներն այդ ըզգացին,
Թէ ապրիլ այս կեանքն դաժան,
Չ՛արժեր առանց ազատութեան
Եւ առանց տան հայրենական.
Հարկ է ուստի զարնել կրկին,
Ո՛ւր ալ ըլլայ նենգ թշնամին:
Տանիլ պայքար խիստ, յարատեւ
Մինչեւ ծագի հայուն արեւ.
Մինչեւ Հայը որ տիրանայ
Հայրենիքին իր հընօրեայ,
Եւ հողին վրայ իր սրբազան
Պահէ անմար ջահն հայկական:

Մահն էր թէեւ անոնց առջեւ,
Բայց պարուրուած ազատութեան
Գոյներով վառ` ան էր թեթեւ
Ու ցանկալի, առաւօտեան
Ինչպէս շողըն արշալոյսի,
Ինչպէս գորովը մայրական…

Ապրելու իղձն անոնց վառ էր,
Կային տենչեր, կային սէրեր
Անոնց սրտին մէջ եռանդուն,
Եւ ապագան կար վարդագոյն,
Անրջական երգով խօսուն:
Բայց մանաւանդ իրենց ազգին
Անիրաւուած, կար կոչն ուժգին
Կանչը արեան` բոլոր արթուն
Մեռելներուն, որ տակաւին
Հայուն սրտին մէջ կը յածին:

Ուստի մոռցած սէրը կեանքին,
Վայելքները անցողական,
Մոռցած նոյնիսկ մայր սիրական,
Հայր, քոյր, եղբայր, ընկերային
Հաճոյք զուարթ, Մահն ընտրեցին,
Մահը, որ միշտ մընայ անմահ
Իրենց ազգը հընամեայ:

Յաւերժ անմար հինգ ջահեր կան
Բագինին մէջ այդ հեռաւոր,
Որ սրբավայրն է հայու նոր:
Ամէն այն տեղ ուր կայ թափուած
Հայու արիւն, ուր կայ դադրած
Սրտի տըրոփ, շունչ հայկական,
Հո՛ն ամէն օր պէտք է երթան
Հայերն բոլոր եւ հաղորդուին
Այդ ջահերուն լոյսովն անշէջ,
Կեանք փնտռելով այդ լոյսին մէջ:

16/7/1984

 

Լիզպոնեան Ոգեկոչումին Ժամանակակից Ընկալումները

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Նախորդ դարու կէսերէն սկսեալ Երրորդ աշխարհին մէջ սկսաւ ազգային-ազատագրական պայքարներու նոր փուլ մը: Փուլ մը, որ կը պարունակէր զինեալ պայքար` յանուն գաղութատիրութեան ենթակայ երկիրներու ու ժողովուրդներու քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ամբողջական ազատագրութեան:

Հրդեհի նման` ազատագրական շարժումները սկսան տարածուիլ ամէնուրեք…  Ալճերիա, Վիեթնամ, եւ ուր որ կը գտնուէր գաղութատիրական ուժ:

Փորթուգալը, որ այդ ժամանակաշրջանին կայսերապաշտական համակարգ ունէր, 15-րդ դարէն արդէն իսկ գաղութատիրական լուծի ենթարկած էր Ափրիկէն:

Իբրեւ կայսերապաշտ ուժի ենթակայ տարածքներ` ազատագրական պայքարներու լուցկիի կրակը նոյնպէս հասաւ փորթուգալեան ափրիկեան գաղութներ: Մոզամպիքէն (փորթուգալեան ամէնէն հարաւային գաղութը) մինչեւ Անկոլա, Կանաչ Հրուանդանի կղզիներ, Կինէա Պիսաու եւ Սաու Թոմէ ու Փրինսիփէ: Յիշեալ բոլոր գաղութներուն մէջ ստեղծուեցան ազատագրական շարժումներ. Մոզամպիքի մէջ` «Մոզամպիքի ազատագրական ճակատ»-ը, Անկոլայի մէջ` «Անկոլայի ազատագրութեան ժողովուրդի շարժում»-ը, Կանաչ Հրուանդանի կղզիներու ու Կինէա Պիսաուի մէջ` «Կինէայի ու Կանաչ Հրուանդանի անկախութեան ափրիկեան կուսակցութիւն»-ը, իսկ Սաու Թոմէ ու Փրինսիփէի մէջ` «Սաու Թոմէի ու Փրինսիփէի ազատագրութեան շարժում»-ը:

Վերոյիշեալ բոլոր շարժումները կը դաւանին ընկերվարութիւն եւ ներկայիս անդամակցած են Ընկերվար միջազգայնականին: Անոնք որդեգրած էին (զինեալ պայքար մղելու ժամանակ) «Երրորդ աշխարհի ընկերվարութիւն» գաղափարական ուղղութիւնը, որ մէկ կողմէ կը հետապնդէր նշեալ երկիրներուն քաղաքական ազատագրութիւնը, իսկ միւս կողմէ ալ` ընկերային-տնտեսական ազատագրութիւնը:

Հայկական կեանքին մէջ ալ, մանաւանդ որ հայութենէն կարեւոր մաս մը կ՛ապրէր Երրորդ աշխարհի մէջ եւ ազդուած էր այդտեղի ազգային-ազատագրական շարժումներէն (յատկապէս` պաղեստինեան ազատագրական շարժումէն), նախորդ դարու 70-ական եւ 80-ական թուականներուն Հայ դատի հետապնդման համար կը հիմնուին զինեալ գաղտնի կազմակերպութիւններ, ինչպէս` Հայկական ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկները եւ Հայ յեղափոխական բանակը:

1974-ին Մեխակի յեղափոխութիւնը կը տապալէ աւելի քան 4 դարերու գաղութատիրական, ռազմապաշտ եւ ամբողջատիրական համակարգը Փորթուգալի մէջ: Յետյեղափոխական ժողովրդավարական համակարգը (յատկապէս` ընկերվարական վարչապետ Մարիօ Սուարեշի ղեկավարութեամբ) կը հռչակէ ափրիկեան բոլոր գաղութներուն անկախութիւնը: Այսպիսով, վերջ կը տրուի աւելի քան 400 տարուան ստրկութեան եւ թշուառութեան:

27 յուլիս 1983-ին տեղի ունեցած Լիզպոնի գործողութիւնը եւս կը համընկնէր այդ ժամանակաշրջանին Փորթուգալի մէջ թէ այլուր ծաւալած ազատագրական շարժումներուն ընդհանուր տրամաբանութեան, որովհետեւ մարդկութեան համընդհանուր ազատագրութիւնը (քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական) չ՛ամբողջանար, եթէ ազգ մը տակաւին շղթայուած է, իր իրաւունքները ոտնակոխուած են:

Թող հանգիստ ննջեն Սարգիսը, Սեդրակը, Արան, Սիմոնն ու Վաչէն, որովհետեւ իրենք ոչինչի համար չնահատակուեցան, այս տարի (Լիզպոնի գործողութենէն 36 տարի ետք) արդէն Փորթուգալի խորհրդարանը իր բարոյական պարտքը կատարեց` ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Լիզպոնի գործողութեան հսկումի ձեռնարկները այլեւս պէտք է ծառայեն գլխաւորաբար երկու նպատակներու.

Ա.- Սուգէն վերածուին յաղթանակի տօնակատարութեան, որովհետեւ Լիզպոնի գործողութեան նպատակը մասամբ (Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասով) իրականացաւ (ինչո՞ւ չէ, փորթուգալցիներուն հետ միասին):

Բ.- Նկատի ունենալով, որ Լիզպոնի գործողութիւնը (եւ Հայ դատի ուժական պայքարը` ընդհանրապէս) ազդուած էր այդ ժամանակ միջազգայնօրէն ձեւաւորուած ազատագրական գաղափարներէն, հետեւաբար հայկական կեանքին մէջ վերակենդանացնել ազատագրութեան գաղափարը իր խոր իմաստով եւ բոլոր մասնիկներով (քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական)` քայլ պահելով ներկայ ազատագրական թէ՛ ազգային, թէ՛ ընկերային եւ թէ՛ տնտեսական շարժումներուն հետ:

Լիզպոնի հինգ տղոց յիշատակը վառ կը պահենք նաեւ այն ժամանակ, երբ կը վերանորոգենք անոնց ուխտը` համապատասխանելով մեր ներկայ ժամանակի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական մարտահրաւէրներուն, այլ ոչ թէ` պատմական, ապա թէ ոչ այդ գործողութիւնը ընդմիշտ միայն պատմութեան մէջ մնացած կ՛ըլլայ, իսկ ներկան պատմութեան էջերու ընթերցում կը դառնայ:

Հինգ տղաքը իրենց ժամանակուան ազատագրութեան ուխտը կատարեցին, սակայն մենք ե՞րբ պիտի կատարենք (առնուազն ծրագրենք) մեր ժամանակուան ազատագրութեան ուխտը (անշուշտ` համապատասխանելով մեր ժամանակի մարտահրաւէրներուն, կարիքներուն, գործելաոճին ու օրակարգերուն):

 

Հինգ Դիւցազուններու Վերջին «Խնճոյք»-ը (27 Յուլիս 1983)

$
0
0

Լիզպոնի Տղոց

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Բարեբախտ դիպուածով մը նշեալ դիւցազներգութիւնը ունի 36 տարիներու հեռաւորութիւն, թէեւ հեքիաթի նմանող, այդուհանդերձ, ապրուած իրականութիւն մըն է, որուն քաջածանօթ են իրերայաջորդ սերունդներ, իսկ շատ-շատեր ուղղակի շօշափած ու փայփայած են առասպելատիպ տղոց երազներուն իսկութիւնը, անոնց հետ ըլլալով, միասին ապրելով, ընկերանալով եւ ծանօթանալով իւրաքանչիւրին մարդկային առանձնայատկութիւններուն, նաեւ` ազգային ըմբռնումներուն:

Գաղութահայ կեանքի ծնունդ տղաք էին անոնք: Համեստ, հայաբոյր, ժիր ու նուիրեալ ընտանիքներու զաւակներ: Նման մթնոլորտի մէջ հասակ առած ու դաստիարակութիւն ստացած սերունդներ, բնականաբար անոնց մէջ շեշտուած պիտի ըլլային ազգային արժանիքները, որոնցմով պիտի սնանէին, այլապէս առնչուէին հայ կեանքին եւ, իրենց կարգին, շփուէին գաղափարական հայեացքներու քուրային հետ:

Փաստօրէն, հայ վարժարանի երդիքին տակ կրթութիւն ստացած այս հինգ տղաքը ներծծած էին Մեսրոպաշունչ հոգիին ճառագայթները, շաղախուած հայ ազգի պատմութեան պատուաբեր դրուագներուն հետ, դառնութեամբ յիշած հաւաքական տառապանքի ու սպանդի պատկերները, վրէժխնդրութեամբ լեցուած եւ, այս բոլորին առընթեր, հրապուրուած եւ յափշտակուած էին Հայկեան բազուկի ժառանգորդներու սխրանքներով, եւ որոշ ատեն ետք անդրադարձած, թէ անհայրենիք ժողովուրդներ չեն կրնար գոյատեւել առանց մայր հողի ուժին, բուրմունքին եւ պատկանելիութեան:

Եւ ահա, իրենց պատանեկանի ու երիտասարդականի կեանքին զուգադիպող դիպաշարերու հաճոյքը ապրեցան այս տղաքը, երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն յանկարծակի կու գար հայաշխարհն ու երկրագունդը` ի տես ցուցական-վրէժխնդրական արարքներու, որոնց շնորհիւ հայոց ազատ ապրելու ոգին իր թմբիրէն կ՛արթննար, կը բռնցքուէր եւ հատու հարուած կու տար թշնամիին` զազիր թուրքին, որ գործադրած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը, գրաւած հայրենիքը` Արեւմտեան Հայաստանը, սրբազան Արարատը, եւ, ի լուր աշխարհին, կը ծիծաղէր մարդկութեան խղճին ու արդարութեան վրայ:

Իր կարգին, մարդկութիւնը բարոյական շռնդալից ապտակ մը կը ստանար 1975-ականներու, երբ տարբեր մայրաքաղաքներու մէջ իրար ետեւէ կը զգետնուէին թուրք դեսպաններ, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ներկայացուցիչներ:

Փաստօրէն, Հայկեան բազուկի վրիժառական սխրանքները պահ մը շփոթի մատնած էին պետական ու անվտանգութեան բազմաթիւ ոլորտներ, որոնք ուշի-ուշով  կը հետեւէին իրերայաջորդ հարուածներուն եւ խանդավառութեամբ լիացած հայ կեանքի ելեւէջներուն:

Ու այսպէս, կը քանդուէր համատարած լռութեան պատը, զոր կառուցած էին այն բոլոր պետութիւնները, որոնք կը դարպասէին զազիր թուրքին շահերը: Յայտնապէս լոյսին կու գային Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, հայրենիքի ազատագրումն ու հայ երիտասարդութեան պոռթկումի տարբեր դրսեւորումներ:

1983, Լիզպոն:

Կրկին կը ցայտէր ըմբոստութեան եւ վրէժի հրաբուխը: Այս անգամ թիրախը Փորթուգալի թրքական դեսպանատունն էր, որ յարձակումի կ՛ենթարկուէր եւ կը գրաւուէր հայ տղոց կողմէ: Սրբազան տղոց խումբին մաս կազմող Սիմոն Եահնիեան դեսպանատան մուտքին հերոսաբար կ՛իյնար հրացանաձգութեան պատճառով, որմէ ետք կը սկսէր հերոս տղոց դիպաշարը:

Տղաքը մուտք կը գործեն դեսպանատան մաս կազմող շէնք մը, կրակոց, մահ ու վիրաւոր, շէնքի պաշարում` տեղական ուժերու կողմէ: Ապա, տղոց պահանջներու ընդգծում, միջազգային լրատու գործակալութիւններու յանձնուած յայտարարութիւն, նաեւ ազդարարութիւն եւ սպառնալիք, թէ ի պահանջել հարկին տղաքը երդուած են պայթեցնել շէնքը ու միասնաբար նահատակուիլ յանուն Հայ դատին ու հայրենիքին:

Ժամեր անց իրականութիւն կը դառնար տղոց այն երազը, որուն մասին պատմած էին իրենց վերջին «խնճոյք»-ին ատեն, երբ, ի լուր աշխարհին, վիտէօ-երիզով մը ցոյց կու տային իրենց պատրաստակամութիւնը, կամքն ու գործողութեան բնոյթը: Անոնք  ազգային բարձր գիտակցութեամբ եւ աստուածավայել համոզումով տուեալ երիզին մէջ կը նշէին, թէ ի՞նչ էր դրդապատճառը(ները), որ զիրենք կը մղէր նետուելու պայքարի դաշտ, յանուն ո՞ր գաղափարին եւ սկզբունքին:

Իրօք, Լիզպոնի տղաքը իրենց այս քայլով (վիտէօ-երիզի հրապարակումով) արդէն լռութեան կը մատնէին ներազգային կեանքի մէջ ապրող տկլորներու կասկածն ու լալկան հառաչանքները, կը պախարակէին թոյլ հոգիները, ուժգնօրէն կը դատապարտէին փառասէր ու շռայլ կեանքի հետեւորդները, կը շեշտէին հայոց դարաւոր պատմութեան, մշակոյթին ու ազգային արժէքներուն կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը, լոյսին կը բերէին նախնեաց դիւցազնական սխրանքներու հպարտութիւնը, ազատութեան ու մաքառումի ոգին վառ պահելու զգաստութիւնը եւ առանձնապէս կը պնդէին Հայ դատի անժամանցելիութեան վրայ:

Եւ այս բոլորի առընթեր, անոնք կ՛ընդգծէին, թէ իրենք կեանքը սիրող տղաներ էին, կեանքի հաճոյքներու քաջածանօթ, սակայն, իրենց համար հայրենիքի սէրն ու Արարատի ազատագրումը տարբեր բոյր ու համ ունէր:

Այո՛, Լիզպոնի տղաքը արիաբար եւ առանց երկմտանքի իրենց սուրբ արիւնը նուիրաբերեցին հայոց ազատութեան բագինին` քաջ գիտնալով, որ անոնց սխրանքը պիտի ապրի դարեր շարունակ, այնքան ատեն որ սերունդներ կը դաստիարակուին համոզումով եւ ազգային վառ երազներով:

Անոնք նահատակութեան ամենասուրբ փառապսակին արժանացան եւ դարձան մեր ժամանակներու լեգենտ երիտասարդները: Անոնք վախի, մահուան եւ պարտուողական տրամադրութիւններու դէմ իրենց հպարտ ճակատները ցցեցին, եղան փարոս ազգային ազատագրական պայքարի հաւատացողներու, ճղճիմ եւ անցողիկ կեանքին դէմ իրենց ճառագայթող դէմքերը ցոյց տուին, որպէսզի ատով զգետնած ըլլան մահը եւ արժանանան Աւետիս Ահարոնեանի «փառաւոր մահ մը» ունենալու կոչումին:

Մեր տղաքը իրենց սրբազան արարքով առանձին չմնացին, այլ պատմութիւն կերտեցին ու պատուանդան հանդիսացան` Արցախեան ազատագրական պայքարին, երբ իրերայաջորդ դիւցազուններ յիշեցին տղոց նուիրումը եւ նետուեցան պայքարի դաշտ` ընդդէմ թուրք-ազերի հորդաներու:

Հինգ տղոց վրիժառու աքթը, օրին, «քաղաքակիրթ, ժողովրդավար եւ բարեսէր» Արեւմուտքին հանգիստը խանգարեց, ինչպէս որ Արցախի ժողովուրդը նոյն վիճակը ստեղծեց եւ զէն ի ձեռին յաղթեց թշնամիին ու պարտադրեց իր կամքը:

Այո՛, Լիզպոնի տղաքը եղան հայոց յաղթանակի, լոյսի եւ յոյսի եզակի  դաստիարակները, որոնք ամէն քայլափոխի մեզի կը պատգամեն ըլլալ ուժեղ եւ համարձակ, ազգային արժանապատուութեան տիրութիւն ընող ազգ, հայրենի սուրբ հողին վրայ արժանավայել ապրելու ցանկութիւն ունեցող ժողովուրդ, միասնակամ եւ քաղաքական բարձր հասունութիւն ցուցաբերող պետականութիւն:

Անոնք այսօրուան անկախ հայրենիքը չտեսած, Արարատի ազատագրումը երազեցին, Արցախեան գոյամարտի հրաշքները չապրած` պայքարի հորիզոններ ուրուագծեցին, անկրկնելի բանաստեղծ Շիրազի ներշնչման աղբիւր հանդիսացան ու արժանացան անոր փառաբանանքին, սրտայոյզ աղօթքին:

Այսօր, թէեւ յապաղած, հայրենի հողին վրայ Լիզպոնի տղոց նուիրուած հանդիսութիւններ կը կազմակերպուին, յիշելով անոնց սխրանքն ու անմնացորդ նուիրումը:

Ահա այսպէս, Լիզպոնի տղաքը հայրենապաշտութեան մեծագոյն վկաներն են ու պիտի մնան իբրեւ այդպիսին դարեր շարունակ, իսկ անոնց յիշատակին դիմաց ազգ մը ամբողջ պէտք է խոնարհի:

 

 

Լիզպոնի Ողջակէզներուն

$
0
0

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Այնքա՜ն անհակակշիռ զեղումով կը մեծաբանենք փոքր գործեր, այնքա՜ն անսովոր ածականներ կը շռայլենք սովորական առաքինութիւններու համար, որ մարդ պարզապէս կը հարկադրուի իր լեզուին ու գրչին կղպանք դնել, որպէսզի Լիզպոնի հինգին ողջակիզումը չփառաբանէ մաշած խօսքերով եւ չնսեմացնէ անոնց գիտակից ու կամաւոր նահատակութիւնը:

Հայկական դիցաբանութեան ծննդոցի բաժինին մէջ մեր նախահայրերը կը հաւատային, որ մայր հողը կը միանար երկնքին, եւ այդ միացումէն կը ծնէին հերոս-հսկաներ, որոնք իրենց կարգին կը փոխակերպուէին աստուածներու, եւ այդ աստուածներէն կը յառաջանային մարդկային ցեղեր: Եւ այսպէս, մարդկային երեւակայութեան մէջ ծնունդ կ՛առնէին առասպելներ, աւանդութիւններ, հեքիաթներ: Եւ ատոնք կը գծէին ազգերու ճամբան. պա՛րզ, յստա՛կ:

Այդպէս ծնած էր Վահագն, որ կը մարմնաւորէր քաջութեան մեր ձգտումը` որպէս ուղենիշ պատմական մեր երթին…

Յամի տեառն 1983-ին, յուլիսի 27-ին, հինգ երիտասարդներ` Վաչէ, Սագօ, Արա, Սեդրակ եւ Սիմոն, մայր հողին կարօտով, այդ հողը առած իրենց սրտերուն` կը միանային երկնքին, եւ այդ միացումէն կը ծնէր քաջութեան լուսաստղը ու կը տարածուէր յեղափոխական շունչը, միաժամանակ կը վերակենսաւորուէր քաղաքական մեր կամքը: Կը գրուէր նոր առասպել մը, կը պատմուէր հայկական սփիւռքի առաջին հեքիաթը, որպէսզի հայրեր աւանդեն իրենց զաւակներուն, թոռներուն, եւ այդ հեքիաթէն յեղափոխական շունչը յառնի եկող սերունդներուն մէջ ու վարակէ անոնց հոգիները:

Այո՛, անպաճոյճ, դիւրին պատմուելիք ու դիւրին սորվելիք հեքիաթ մըն է Լիզպոնը, ուր հինգ երիտասարդներ ըսին, պարզ ու յստակ, բոլորէն հասկնալի լեզուով. «Մերը անձնասպանութիւն չէ, այլ` ազատութեան ու արդարութեան զոհասեղանին մատուցուած կեանքի ընծայում…»:

Եւ սակայն, հեքիաթները իրենց պարզութեամբ ազգային վճիտ ակերէ բխելէ ետք, յաճախ կը հոսին համամարդկային ուղիներէ` ազգին ու մարդկութեան տանելով իւրայատուկ պատգամ, վերծանելի խորհուրդ, բարոյական թելադրականութիւն:

Յեղափոխական խիզախումի բարոյականը ընդգծող եւ մահը կեանքին կամրջող ու կեանքը մահով իմաստաւորող եզակի ոճով եզակի հեքիաթ մը եղաւ Լիզպոնը, որուն հինգ դիւցազունները պիտի փսփսան մեզի, մեր յաջորդներուն եւ իրենց իսկ գրած հեքիաթը պիտի պատմեն միշտ:

Ես չեմ կրնար իրաւունք տալ ինքզինքիս` անոնց արարքին խորքին հասնիլ, հոն պահուած խորհուրդը պարզել ու խռովքն անոնց հոգիին բացատրել մահկանացուի անզօր լեզուով:

Բայց թոյլ տուէ՛ք, Լիզպոնի քա՛ջ հայորդիներ, որ իբրեւ պարզ հեքիաթասաց, առաւելագոյն ճիգով մը ձեր հեքիաթը ես պատմեմ, սակայն պատմեմ ձեր լեզուով.

«… Վաչէն եմ ես: Մէկը` հինգէն: Կը խօսիմ մահեղբայրներուս անունովն ալ: Ընկերներուս պէս կեանքին բացուեցայ օտար երկնքի տակ, մայր հողէն արմատախիլ եղած տունկի մը պէս: Կ՛ուզէի աճիլ, բայց հողը խորթ էր ու անհաղորդ արմատներուս: Գիտակցութեանս ծաղկումին` ուզեցի տիրել կեանքի իմաստին: Սերտեցի մեր պատմութիւնը: Ուսանողական գրասեղաններէս մտերմացայ մեր ազգին փառքը կազմող անուններուն հետ, որոնց մահուան դիմաց յաճախ հանդիպեցայ չարաշուք թուականի մը` 1915: Այդ թուականը անջնջելի խարան մը եղաւ սրտիս ու հոգիիս վրայ: Գարուն տարիքս մղեց զիս, որ կեանքին նպատակը սահմանեմ եւ ապրելու ուղեգիծս ճշդեմ` անուանի ու անանուն նախահայրերուս տիպարին վրայ կաղապարուած:

«Համոզուեցայ, որ մարդու կեանքը պատճառաւոր արարքներու դրութիւն է: Աշխարհի ու մարդոց ուժերուն դիմաց գիտակից դիրքաւորում մը` անհատին կողմէ: Ներքին ու արտաքին աշխարհներէ եկող պատերազմ մը, պայքար մը:

«Ամէնուն պէս ուզեցի մասնակից դառնալ կեանքի այդ պատերազմին: Սակայն պատերազմելէ առաջ հարկ էր սերտել պատերազմի յատուկ օրէնքները:

«Սերտողութենէս պարզուեցաւ, որ կեանքի պատերազմին վախճանական նպատակը ուրիշ բան չէ, բայց միայն սեփական անձի երջանկութեան նուաճումը: Հոգիի այն վիճակը, ուր մարդ ինքզինք կը զգայ գոհունակ եւ լեցուած այնպիսի զգացումներով, որ լինելութեան լիարժէք իսկութիւնը ամբողջական իմաստ զգենու: Այդ երջանկութիւնը իմ մէջ պիտի հաստատուէր այն ատեն միայն, երբ իմ կեանքս օգտակար գործերու շղթայ մը պիտի ըլլար, նպատակի մը ձգտող ճիգերու հանդիսարան մը դառնար: Ուրեմն ինծի կը մնար գտնել օգտակարը:

«Ոմանք ըսին, որ օգտակարը հաճոյքի մէջն է: Երջանիկ պիտի ըլլայի, եթէ իմ բոլոր զգայարանքներս գոհացած ըլլային: Բայց անդրադարձայ, որ այդ ձեւով կեանքս կը վերածուէր հաճոյքի գացող յոգնեցուցիչ վազքի մը միայն:

«Ուրիշներ ըսին, որ օգտակարը շահու մէջն է: Ինչ որ իմ անհատական շահս կ՛ապահովէ, եւ կամ` աւելի բարձր մակարդակի վրայ, ինչ որ ընկերութեան շահը առաջ կը բերէ, այն է օգտակարը եւ հետապնդելի նպատակը:

«Կարդացի, որ Աթէնքի մեծ թափառականը` Սոկրատ, փորձած էր ձերբազատիլ մարմնէն ու հոգեկան արժէքներու մէջ կարծած էր գտնել օգտակարը եւ երջանկութեան աղբիւրը:

«Կարդացի, որ վերափոխիչ մտածումներով հարուստ մեծ ընկերաբաններ ընկերային յանդուգն գաղափարներու իրագործման մէջ տեսած էին երջանկութեան բանալին:

«Ուրիշներ նիւթին մէջ տեսած էին օգտակարը եւ հաւասարութեան մէջ` երջանկութիւնը:

«Հիացայ Նազովրեցիին վրայ, որ բացարձակ օգտակարն ու անխառն երջանկութիւնը սահմանած էր սիրոյ մէջ:

«Ես, նախահայրերուս նման, ուզեցի հոգեկան արժէքներու մէջ փնտռել երջանկութիւնս, բայց տեսայ, որ եսապաշտ այս աշխարհին մէջ չափանիշ դարձած էր նիւթը միայն:

«Վերջնական ուղեցոյց ընտրեցի սէրը, հակառակ որ իմ պապերս ատելութիւն գտած էին իրենց սիրոյ սերմնացանին:

«Ուզեցի սիրել, բայց չգտայ կտոր մը հարազատ երկինք ու ափ մը հայրենի հող, որ ջերմացնէր եւ սնունդ տար սիրոյ արմատներուս: Անարձագանգ մնաց սիրոյ երգս աշխարհի մը մէջ, ուր շահը կը գերիշխէր եւ հաշիւը կ՛առաջնորդէր: Ինծի կը մնար տալ գերագոյնս` սիրոյ տենչիս գրաւական:

«Սիրեցի բոլոր արժէքները, կեանքը, մարդիկ, ազգ, հայրենիք, ազատութիւն: Եւ այդ սէրս այնքան մեծ էր, որ անխռով կեանքս տուի ես անոր»:

«Սեդրակն եմ ես, բայց կը խօսիմ անունովն ալ միւս չորսին: Մանուկ էի, շատ մանուկ, կը լսէի իմ հօրմէս եւ ջերմեռանդ ուսուցչէս, որ պապերուս երկրին մէջ, Արարատի անդունդներէն շղթայակապ Արտաւազդը պիտի փշրէ կապանքները եւ դուրս գալով իր բանտէն` պիտի բերէ ազատութիւնն հայերուն: Մտքիս պաստառէն չէր ջնջուեր Սասունցի Դաւիթը, Թուր Կեծակին ի ձեռին պիտի իջնէր Մարութայ սարէն ու մեր թշնամիները պիտի պատժէր արդարօրէն: Օ՜, որքան խոր տպաւորած էր զիս Փոքր Մհերը, որ ծնած էր յեղափոխականի տիպարով, բռունցքը պինդ արեան հետքով: Կ՛ուզէի հանդիպիլ Արտաւազդին ու Մհերին: Ալ ո՞ր օրուան կը սպասէին: Ազգ մը ամբողջ ջարդուած էր, հայրենիքը` գրաւուած, մնացորդացը` հոս-հոն ցրուած, ենթակայ` ֆիզիքական վտանգի եւ հոգեկան արժէքներու կորուստի:

«Եւ ահա օր մը, օրհնեալ օր մը լսուեցաւ Արտաւազդի շղթաներուն ճռինչը եւ Մհերի բռունցքին թունդ հարուածը: Հայկական ազատագրական պայքարի զանգն էր, որ կը զանգէր աշխարհի զանազան մայրաքաղաքներէն, թէ` այո՛, պարտուած ժողովուրդ մը կայ, բայց որ չէ ընկճուած:

«Ես այդ ձայնը նմանցուցի Սասունցի Դաւիթի բամբ կանչին. «Մսրա՛յ Մելիք, կենդանի եմ դեռ եւ հարուածելու կարգը ի՛մն է հիմա…»:

«Այդ ձայնը, ինծի համար, Քուրքիկ Ջալալիին վրայ նստած նոյն Դաւիթին խրոխտ կանչն էր ազդարարող. «Ո՛վ քնած է, թող արթննայ, ո՛վ արթուն է, թող ձին թամբէ…»:

«Եւ շատ չանցած` թոյն կաթեցաւ յուսավառ իմ հոգիին: Իմ պաշտելի հերոսներս, Դաւիթէն սերած հայորդիներ, անարդարօրէն կը բանտարկուէին մարդկային վեհ իտէալներու ախոյեան երկիրներու մէջ իսկ` Ֆրանսա, Ամերիկա, Քանատա, Զուիցերիա, Հոլանտա, Պելկրատ… Գիտակցաբար եւ չարամիտ վատութեամբ ազատագրական մեր պայքարին յեղափոխական խոյանքները կ՛արատաւորուէին` ոճրային հանգամանք տալով անոնց: Զոհը կը դառնար ոճրագործ, իսկ ոճրագործը` անմեղ զոհ:

«Կը յաղթանակէր վարկածը, թէ` «Սպաննէ մէկ հոգի, կը դատապարտուիս իբրեւ հասարակ ոճրագործ, որքան ալ արդար ըլլայ արարքիդ շարժառիթը: Բայց մորթեցէք հազարներ, արիւնով ներկեցէք հայրենիքներ, դիակներով լեցուցէք գետեր, եւ ձեզի տեղ կը վերապահեն Ողիմպոսի բարձունքին…»:

«Աշխարհ կ՛ուզէր, որ անկենդան գոյութիւն մը ըլլար իմ ազգը: Այս աշխարհէն, բայց` ոչ այս աշխարհին մէջ: Այլապէս, գարշելի ոճրագործներ պիտի ըլլային ազատամարտիկները մեր:

«Օ՜, ո՛չ. ես չէի կրնար հանդիսատեսը ըլլալ սարքուած ահռելի դաւին: Մանաւանդ որ նոյնիսկ հայեր խաբուեցան այդ դաւէն: Չէի կրնար հանդուրժել, որ Արտաւազդն ու Մհերը, անպատուուած, մին շղթայուէր վերստին ու երկրորդը մտնէր քարայրը կրկին: Միախառնուած էինք իրարու եւ վերածուած` մէկ էութեան: Սրբութիւնն ազատութեան պայքարին պէտք էր մնար վճիտ, անաղարտ: Յեղափոխութեան շունչը չէր տարածուեր մահ սփռելու համար, այլ` արդարութիւնը ձեռք բերելու: Եւ ես հանդարտ սրտով, անսուտ մահով ըսի խաբեբայ այս աշխարհին. «Իմ մահս ըլլայ թող վկայ հայութեան արդար դատին եւ անոր սուրբ պայքարին»:

«Երրորդն եմ ես, առանց կարգի: Ինչ որ կ՛ըսեմ, լսեցի իմ ընկերներէս եւ իմ սրտէս: Անունս է Սիմոն, յար եւ նման` միւս Սիմոնին, Զաւարեանին, որուն կեանքը անբասիր, եղաւ ինծի ցուցանիշ: Ինծի համար հերոսն էր ան, որ ունեցածը տուաւ, իսկ ինք առաւ ոչ մէկ բան: Եկեղեցւոյ մոմն էր ան, որ կը հալի ի խնդիր պուտ մը լոյսի:

«Ու ահա, այս պատկերին հակառակ, ես տեսայ մարդիկը անձնասէր ու եսապաշտ: Հայկական հարազատ կեանքի մէջն իսկ միշտ առնելու ծարաւի, երբեք տալու պատրաստ: «Ուր շահ կայ ու հանգիստ կեանք, հոն է նաեւ հայրենիք: Ի՞նչ պէտքը կայ անծանօթին երթալու` ի խնդիր հին իտէալներու եւ ազգային երազներու: Ապաւինինք մեր նոր կեանքին, մեզի տեղ տուած սփիւռքին: Վարժուած ենք մեր տեղին: Ամէն նոր քայլ կը պարունակէ ձախողելու վտանգը եւ ունեցածդ կորսնցնելու սպառնալիքը»:

«Յստակ էր ինծի համար, որ փիլիսոփայելու այս եղանակը ուրիշ բան չէր, բայց եթէ միայն խորունկ վախ մը պարտկելու եւ մարդկային ազատագրումի ճամբան խափանելու վատութիւն: Հապա ինչո՞ւ հիացում կար անոնց վրայ, որոնք նորին տեսիլքը ունին, նոր ճամբաներ կը բանան ու հերոսութեամբ առաջ կ՛երթան: Խոր համոզումով հաստատեցի, որ ամէն մարդ պիտի ուզէր հերոսութեան ճամբան ընտրել, եթէ վախը չարգիլէր: Բայց… այդ ճամբուն մէջ ապահովութիւն չկայ, մինչ մեր ունեցածներուն մէջ ապահովութիւն կայ: Դրամ ունինք, դիրք ունինք, վարկ ունինք:

«Ուզեցի ըսել ստորնացեալ համատարած այդ մարդոց. «Եթէ այն ես, ինչ որ ունիս, եւ եթէ ունեցածդ կորսնցնես, ուրեմն ո՞վ ես: «Լա՛ւ գիտցիր, որ ուրիշ ոչ ոք, բայց միայն պարտուած կենդանի մը, կեանքին իմաստը չհասկցած վկայ մը լոկ:

«Ինչո՞ւ,  ինչո՞ւ վախի ճիրաններուն մէջ բռնուած կը տառապի մարդկութիւնը եւ անոր հետ` հայ մարդը: Որովհետեւ իր հոգիէն դուրս փնտռեց երջանկութեան աղբիւրը: Ես պեղեցի իմ հոգիս եւ հոն գտայ աստուածութիւն մը հզօր, որ կը սպասէր իմ կանչիս, ծառայելու իմ կամքիս: Ծով ուժ մը կար անհատնելի, որ կը սպասէր նոր ճամբու: Ես այն եղայ, ինչ որ մտածեցի իմ մասիս: Եղայ անկախ հոգեպէս: Կամենալն ու կարենալը եղան ինծի հոմանիշ:

«Ո՛չ, ո՛չ. կարելի չէր միլիոնաւոր զոհեր տալ եւ վախի ճիրաններուն մէջ բարոյական անզօրութեամբ տուայտիլ: Այդ կը նշանակէր մարդկային ցեղէն չհամարուիլ:

«Մեր մեռելները կը սպասէին, որ ահա, տառապանքը պիտի ծնի ուխտեալներ, մահ հալածող նոր տիպեր, փաստելու համար, որ մահ իմացեալ անմահութեան կը տանի:

«Մտածումէս ծնունդ առաւ ցանկութիւնս ու անկէ ալ մեծ ձգտումս` կեանքս տալու հայ պայքարին, որ արձակէր ծիլեր ուժգին, նոր եռանդով, անմեռ կամքով»:

«Ես Սագոն եմ, կ՛արձագանգեմ ընկերներուս ձայնովն արի ու հաւատքի:

«Իմ երիտասարդ տարիքիս տեսայ ազգս մուրացիկի դիրքին մէջն անվայել: Իրաւունքս էր ըլլալ հպարտ` նախահօրս Հայկին պէս: Բայց իմ կեանքս կախեալ մնաց օտարներու յարափոփոխ կամքերէն: Կ՛ըսուէր ինծի, յուսա՛, տղա՛ս, այս օրերուն վերջն ալ կու գայ: Յոյսս, սակայն, որքան կ՛աճէր, տկարութեան զիս կը մատնէր:

«Ամէնուրեք մարդիկն յայտնի կը գովէին բարձրաձայն իրաւունքին ուժն անմեռ, բայց խորքին մէջ կ՛օգտուէին ուժին բերած իրաւունքէն, իսկ մեզի համար իբրեւ բաժին կը հանէին ազնիւ խօսքեր:

«Ու ես տեսայ հիասթափութիւնը իմ ժողովուրդիս: Համոզուեցայ վերջնականապէս, որ իմ ժողովուրդս որքան որ շատ յոյսեր կապէր օտարին, այնքան աւելի կը ծանրանար իր պատասխանատուութիւնը իր դժբախտութիւններուն համար:

«Հազարաւոր բերաններէ կը լսէի անզօրութեան աղաղակներ, մեր կարողականութեան գնահատումի անճշդութիւններ, քաղաքական դարձդարձիկ հաշիւներ, դիւանագիտական իբր թէ բարձր ու անհատնում մարզանքներ, որոնք կը յանգէին միեւնոյն ու մէկ եզրակացութեան. «Ներկայի պայմանները ձեռնտու չեն մեզի համար, որ անհանգստացնենք աշխարհը: Մենք պէտք ունինք աշխարհին: Մեր թշնամին զօրաւոր է եւ զինակիցներ ունի ամէն կողմ…»:

«Ես դառնօրէն զգացի, որ առաջ քշուած բոլոր պատճառաբանութիւնները երեւութապէս տրամաբանական ըլլալով հանդերձ, չէր յայտարարուեր մեր անզօրութեան պատճառներուն մեծ պատճառը: Յաղթելու հաւատքին չգոյութի՛ւնը:

«Կը տխրէի իմ հոգիիս խորերէն` ի տես եւ ի լուր այն տարօրինակ խանդավառութեան, երբ ամէն անգամ օտարներ խոստումներ կու տային իմ ազգին եւ նոյնքան տարօրինակ յուսալքումին համար, երբ տրուած խոստումները կը դրժէին պարզօրէն:

«Ո՛չ. պէտք էր վերականգնէր սեփական ուժի հաւատքը հոգիներու մէջ:

«Վա՜յ անոր, որ տկարութիւն ցոյց կու տայ,

«Վա՜յ անոր, որ կորսնցուցած է կարողութիւնը շեշտակի նայելու թշնամիի աչքերուն,

«Վա՜յ անոր, որ անզօր է աւելի սարսափելի ըլլալու քան թշնամին,

«Վա՜յ անոր, որ միամտութեամբ կը պահանջէ, որ աշխարհը ըլլայ այնպէս, ինչպէս որ ինք կ՛ուզէ, եւ ինք չըլլայ այն, ինչ որ աշխարհը կը թելադրէ:

«Տկարը մեղաւոր է, որ տկար է. ա՛յս է աշխարհին դատավճիռը: Կ՛արժես այն, ինչ որ ես այսօր: Տառապանքիդ մեծութիւնը կշիռ չունի, այլ կշիռ ունի յաղթելու հաւատքիդ անպարտելիութիւնը:

«Յաղթելու հաւատքս վեր դասեցի կեանքէս ալ ու ինքզինքս ընծայ ըրի այդ աստծուն»:

«Շամիրամի ցանկութեան զոհ` Գեղեցիկն Արան չեմ, այլ ուխտուած բանակի մը զինուոր գրուած Լիզպոնի հինգէն մէկն եմ ես: Փոքր տարիքիս Շամիրամը շատ ազդած է իմ հոգիիս: Անբացատրելի զգացումներու խառնուրդ մը կար անոր սրտին մէջ: Իր ցանկութեան մղումով` հրաման տուաւ բանակին. «Գացէ՛ք, կռուեցէ՛ք, մեռցուցէք, որքան կրնաք, բայց չդպնաք իմ Արային»: Այնքան անգութ բոլորին, բայց համակ գութ` իր սիրածին:

«Ես վանեցի իմ մէջէն անգթութեան ամէն հետք եւ փարեցայ երկրորդին: Գուրգուրանքը եղաւ իմ քայլերուս կողմնացոյցը: Շուրջս տեսայ հրէշային ուղեղներ, որոնցմէ միշտ ատելութիւն կը ծնէր: Անոնց համար մահ էր պէտք, անհատնում մահ, որպէսզի ատելութիւնն իրենց ապրէր:

«Գուրգուրացի կեանքին վրայ իմիններուս: Տեսայ շուրջս պատանիներ` շարան-շարան դպրոց կ՛երթան: Խաղաղութեան խաբկանքին մէջ պիտի մեծնան, անգիտակից մեր պարտութեան: Ապրելու ցանկութիւնն անոնց մեծ էր թէեւ, ճշմարտութիւնն այն էր սակայն, որ իբրեւ հայ` կեանքն անոնց կամաց-կամաց մահուան կ՛երթար: Այդ վտանգին ազդալոյսի նշան չկար: Ամրօրէն հաւատացի, գուրգուրանքիս խորունկէն, որ խիզախ մահուան ցնցումը միայն կ՛ըլլար լծակ փրկութեան: Ու իմ կեանքս ես տուի գուրգուրանքիս ջերմութեան:

«Ահաւասիկ հեքիաթը մեր, մենք պատմեցինք ձեզի այսօր: Վերջին խօսքն ալ լսեցէ՛ք ու ձեր մտքէն մի՛ հանէք:

«Ինքնատպութիւնն մեր հեքիաթին Լիզպոնի, որպէսզի յար չկորչի ու անաղարտ միշտ պահուի, հայութիւնն իմ սիրելի, կրկնելէ զայն խուսափի…

«Մենք մեր մահով ուզեցինք կեանք տալ հայ պայքարին,

«Դուք ձեր կեանքով զայն հասցուցէ՛ք յաղթանակի դափնիին»:

Ընդհանրապէս հեքիաթասացները իրենց հեքիաթի աւարտին սովոր են կրկնել ծանօթ ասոյթը.

«Երկինքէն երեք խնձոր ինկաւ»:

Անսովոր հեքիաթ մըն է, սակայն, Լիզպոնը: Սկիզբ չունեցող եւ վերջ չունեցող հեքիաթ մըն է ան եւ այդպէս ալ պիտի մնայ: Ինծի պէս քանի՜ հեքիաթասացներ ալ փորձեն պատմել զայն, միշտ պիտի մնայ չպատմուած բաժին մը, որովհետեւ երկինքէն երեք խնձորներ չինկան, այլ Հայ յեղափոխական բանակի հինգ ողջակէզներ իրենց արիւնով փաստեցին անսահմանելիութիւնը ազատութեան մեծ տեսիլքին:

 

 

 

Խմբագրական. Ուսումնասիրական Առաջադրանքներ Եւ Դժուար Բացայայտելի Ուժի Մը Գաղտնիքը (Լիզպոնի Հերոսական Արարքին 36-ամեակին Առիթով)

$
0
0

Լիզպոնի անձնազոհութեան արարքին մասին, ոգեկոչական նշումներէն, յանձնառութիւններու վերստանձնումներու խորհուրդներու պարզաբանումներէն եւ երիտասարդական հաւաքական ուխտերու վերանորոգումներէն անդին, արժէ ուսումնասիրական աշխատանքներ պատրաստել քանի մը ուղղութիւններով:

Ա.- Եթէ Լիզպոնը իբրեւ պայքարելաձեւ եւ ուղերձ փոխանցող գործողութիւն կը նկատուի յեղափոխական աւանդներու վերադարձի որոշումով յատկանշուած սփիւռքահայ երիտասարդութեան հրամցուցած շարքին գագաթը, ապա անհրաժեշտ է թղթածրար պատրաստել, որ Լիզպոնէն ետք որքանո՞վ իրականացան լռութեան պատի ճարճատումները, եւ գործնապէս քանի՞ պետութիւն համալրեց ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւին ընդառաջածներու շարքը:

Բ.- Միջազգային հանրային կարծիքի ձեւաւորման վրայ ազդող օրուան մամուլին, պետական եւ հասարակական գործիչներուն կողմէ կատարուած հրապարակումները եւ Հայ դատի այժմէականութեան անդրադարձող վերլուծումներու մէկտեղումը օգտակար կը հանդիսանայ արարքին ձգած ազդեցութեան հզօրութեան մասին պատկերացում ունենալու փորձին:

Գ.- Լիզպոնի հերոսներուն անցած ուղին, ուսումնական եւ գաղափարական դաստիարակութիւնը, իւրայատուկ հնոցային  գոյութեան մը ջամբած ժողովուրդին եւ հայրենիքին անմնացորդ ծառայելու պատրաստուածութեան մասին փաստացի նշումներու հանրագումարը կը համոզեն բոլորը եզակի միջավայրի մը բացառիկ արտադրողականութեան  գերագոյն օրինակին մասին:

Դ.- Լոյսին բերել թրքական հակազդեցութիւններու իրերայաջորդականութիւնը` ընդգծելու համար թշնամիին անդրադարձումը` հայկական անտեղիտալի հզօր ներուժին եւ գուցէ նաեւ համոզելու բոլորը, որ հայոց իրաւունքներու վերականգնման համար սփիւռքի մէջ հասակ նետած երիտասարդութեան փաղանգ մը աննահանջ  եւ ամէն տեսակ արգելք յաղթահարող երթը հաստատակամօրէն շարունակելու վճիռ տուած է:

Ե.- Ընդգծել գործողութեան նուաճած նոր շրջափուլը` պահանջատիրութեան պայքարին մէջ գերագոյնը նուիրաբերելու ազնուագոյն փաստին ներշնչումով, խորհուրդին կլանելու համար հազարաւոր համրանքներ հաշուող քաղաքական պայքարի դրօշը պարզած երիտասարդութեան: Եւ անշուշտ այդ երիտասարդութեան գաղափարաքաղաքական գործունէութեան յետլիզպոնեան ժամանակահատուածը:

Զ.- Լիզպոնէն ընդամէնը 5 տարի ետք արցախեան ազատամարտի քուրային մէջ նետուած լիզպոնեան հերոսագործութեան խորհուրդները ընկալած երիտասարդութեան մղումին մէջ` 5 հերոսներու գերագոյն սխրագործութեան ունեցած ներդրումը:

Է.- Այս բոլոր հանգամանքները նկատի ունենալէ ետք ուսումնասիրել նաեւ Լիզպոնի հերոսագործութեան նշման վայրերու աշխարհագրութիւնը եւ գաղափարական միջավայրերը: Հաւանաբար եզրակացնելու համար, որ համայն ազգին ու բոլորիս հայրենիքի ազատագրութեան համար առաւելագոյնը նուիրաբերած հայորդիներու արարքը համահայկական տարողութեան համարժէք վերաբերում չ՛ունենար դժբախտաբար: Եւ թերեւս լիզպոնեան ուղեցոյցը պատճառ դառնայ, որ ամէն տեսակ հատուածայնութիւն շրջանցուի, երբ կարգը հասնի հայրենիքի եւ ժողովուրդի համար նահատակութեան պսակ նուաճած իւրաքանչիւր հայու կատարածը յարգելուն` պատմական ի՛նչ փուլի ալ պատկանած ըլլայ ան:

Վերը նշուած առաջադրանքային ուսումնասիրութիւնները ի վերջոյ կը միտին ոգեկոչականին առընթեր ամբողջական գնահատական տալ արարքի մը, որ հոգեշարժ յաջողեցաւ գրանցել պահանջատիրական գաղափարներով տոգորուած  երիտասարդութեան մօտ: Նման համակողմանի աշխատասիրութեան մը ծանօթացողը յաւելեալ հիմնաւորումներու կրնայ պէտք չունենալ բարոյական հիմքեր ունեցող ազատագրական պայքարը շփոթելու նորովի սահմանում եւ ընկալում ստացած հաւաքական սպանդներու պատճառ դարձող ահաբեկչական եզրին հետ:

Ապրիլեան կայծակնային պատերազմի օրերուն հայրենիքի սահմանները մինչեւ վերջին շունչ պաշտպանող Վաչէին, Սիմոնին, Արային, Սեդոյին եւ Սագոյին հասակակիցները նմանատիպ ինքնապայթումներու դիմեցին` թշնամիին չյանձնելու համար հայկական դիրքերը:

Առաջադրանքային ուսումնասիրութիւնները անհրաժեշտ ըլլալով հանդերձ դժուար պիտի ըլլայ որեւէ գիտաշխատողի համար այդ բոլորէն ետք գտնել գաղտնիքը այն ուժին, որ միեւնոյն ինքնազոհութեան գերմարդկային կատարումին առաջնորդեց եւ դեռ վստահաբար կ՛առաջնորդէ  սփիւռքի մէջ հասակ նետած հայրենիքը չտեսած եւ շնչող հայրենիքի սահմանները պաշտպանող հասակակիցները: Անո՛նք են, որ իրաւունք կը վաստակին գծելու ամբողջական Հայաստանի սահմանները:

 

Հայ Մամուլի Խորհրդաժողովէն Ետք` Այդքան Ալ Հին Չեղող Անցեալին Մէջ

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Յուլիսի առաջին օրերուն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հրաւէրով կայացաւ մամուլի համահայկական խորհրդաժողովը: Միասին եւ մէկ ըլլալու հանդիպում` հակառակ բնական եւ երբեմն ալ օգտակար տարբերութիւններու: Ժողովին անդրադարձաւ մամուլը, խօսուածներուն մասին լոյս կը տեսնէ տեղեկագիր մը` համաժողովը կազմակերպող յանձնախումբին կողմէ:

Ժողովի աւարտին, 4 յուլիսին, կէսօրէ ետք, ժողովականները առաջնորդուեցան Ժիպէյլ (Պիպլոս), ուր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ծիրէն ներս բացուած էր Հայոց ցեղասպանութեան որբերու թանգարանը, «Թռչնոց բոյն» որբանոցի շրջափակին մէջ, որ կը կրէր այդ որբանոցի սաներէն Արամ Պէզիկեանի անունը: Թանգարանի բացման օրը, 2015-ին, շրջած եւ դիտած էի պատկերներ, կարդացած` անուններ: Որբութիւնը անջնջելի տխրութեան դրոշմ կը ձգէ դէմքերու վրայ, հոգիներու մէջ, ոչ միայն որբերուն, այլ` զանոնք ճանչցողներուն, նոյնիսկ երբ կը կարծենք, որ ժամանակը կեանքի անհարթութիւնները մասամբ կ՛ուղղէ:

Թանգարանի շեմին «Թռչնոց բոյն»-ի գերեզմանոցի մեռեալներուն, որբեր եւ հոն աշխատողներ, աճիւնները ամփոփուած են հաւաքական դամբանի մը մէջ: Հոն է նաեւ դամբանը որբերու փրկարար ոգին հանդիսացած դանիացի միսիոնարուհի Մարիա Եաքոպսենի: Ան ոչ միայն կեանքեր փրկած է, անոնց պակսող սէրը տուած է, այնքան անպաճոյճ եւ սրտագին, որ որբերն ու որբուհիները զինք կոչած են «մամա»: Թանգարանի երեք բաժիններուն մէջ կան իրեղէն եւ խօսուն վկայութիւններ` փրկուածներու կեանք վերադարձածներու մասին:

Մարիա Եաքոպսեն («Մամա») իր սաներուն հետ

Խօսուած եւ գրուած է Մարիա Եաքոպսենի, «Թռչնոց բոյն»-ի եւ թանգարանի մասին, որ, ի դէպ, իրականացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ եւ ճիգերով: «Թռչնոց բոյն»-ը որբանոց չէր միայն, այլ հայկական դպրոց էր, այդպէս է նաեւ այսօր, ուր կ՛ուսանին որբեր եւ Ժիպէյլի հայկական փոքրիկ գաղութի ընտանիքներու զաւակներ:

Այս հաստատումները գիտենք, իրականութիւն են: Բայց ի՞նչ կը վկայեն որբերը իրենք, որոնց «մամա»-ն եղած է Մարիա Եաքոպսեն: Այցելուներուս բացատրութիւններ տուող առաջնորդը, պատկերները երբ ցոյց կու տար, մատը դրաւ դէմքի մը վրայ, աղջնակ մը, որուն համար ըսաւ, թէ ան ողջ է եւ կ՛ապրի: Ինչ որ ըսաւ, հոն կրնար մնալ: Բայց այլապէս հետաքրքրական պիտի ըլլար տեսնել եւ լսել «մամա» Եաքոպսենի սանը, գիտնալ, թէ իրապէս բարեսէրի կողքին կա՞ր նաեւ մարդկային առաքինութիւն մը, ճանչնալու եւ ընկերանալու այդ որբերուն, անոնք ինչպիսի՞ երախտագիտական զգացումներ կը պահէին «մամա»-ի մահէն կէս դար ետք ալ:

Մարիա Եաքոպսենի կենսագրութիւնը կարելի է գտնել գիրքերու եւ թերթերու մէջ: Ուզեցինք լսել որբերու «մամա» եղածի մասին ապրուած կեանքի անսեթեւեթ վկայութիւն, որ յուշագրութիւն չըլլայ, որ չըլլայ աւուր պատշաճի թղթակցութիւն: Անուն մը: Հեռախօսի համար մը:

Խորհրդաժողովը աւարտած էր, շատեր արդէն վերադարձած էին իրենց երկիրները, մնացողները իրենց առօրեայով կը զբաղէին:

Հեռաձայնեցինք: Ժամադրուեցանք: Առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Տորա կոչուող թաղամասի ճաշարանի մը առջեւ: Մեզ դիմաւորեց երիտասարդ կին մը, գացինք ժողովրդական թաղամասի շէնք մը: Հիւրընկալ բնակարան մը: Հոն մեզ կը սպասէր պատկերի որբուհին` անցեալի մանուկ Արաքսին, որ մեծ մայր է հիմա:

Հայու տուն: Զրուցեցինք: Քիչ ետք եկաւ նաեւ մեծ մայրիկ Արաքսիի փեսան, որ ի միջի այլոց յայտնեց, որ ստացած է Հայաստանի քաղաքացիութիւն, նոյնիսկ կը ցանկայ Հայաստան հաստատուիլ, եթէ աշխատանքի հնարաւորութիւն ստեղծուի: Արաքսիի թոռնուհին արդէն համալսարանական ուսումը աւարտած է: Որբուհիին շառաւիղները հաւատարիմ մնացած էին արմատներուն` առհաւական գիտակցութեամբ:

Եւ զրուցեցինք: Այդքան ալ հին չէր այդ անցեալը, երբ որբ, որբանոց, որբախնամ բառերը ընթացիկ էին: Որբեր` ջարդերէն ետք, որբեր` հայրենահանուածներու դժուար կեանքի պայմաններու պատճառով:

Մարիա Եաքոպսեն ոչ միայն կեանքեր փրկած է, այլ որբերուն տուած է այն էականը, որմէ զրկուած կ՛ըլլան անոնք. սէր եւ գուրգուրանք: Եղած է իսկական «մամա»: Ան որբերուն սորվեցուցած է աշխատիլ, արհեստներ, որպէսզի անկախ ըլլան: Արաքսին պատմեց, որ նոյնիսկ երբ որբերը կը մտնէին կեանքի մէջ, «մամա»-ն կը հսկէր, ինչպէս պիտի ընէր հարազատ մայրը, Մարիա Եաքոպսեն որբուհիներու ամուսնութեան կը հսկէր, կ՛ուզէր տեսնել թեկնածուն, կ՛ընէր այնպէս, որ կարծէք իրմէ կը խնդրուէր հարսնցուին ձեռքը` ըստ հայկական աւանդական սովորութեան:

Արաքսիի դէմքէն եւ խօսքերէն կը ծորէր երախտագիտութեան զգացումը, որ բառերու պէտք չունէր խօսելու համար:

 

Մտածեցի, որ այսօր կանգնած ենք հայը փրկելու հրամայականին առջեւ: Ինչպէս երէկ Մարիա Եաքոպսեն, կամ նախախնամական միւս դանիացին` Քարեն Եփփէն, հայ ազգի բեկորներ փրկեցին, զանոնք վերադարձուցին ազգին, այսօր կը գտնուինք նոր հանգրուանի դիմաց, աշխարհի հեռու եւ մօտ ցրուած բեկորները, որոնք վաղ թէ ուշ դատապարտուած են ինքնութեան կորուստի, վերադարձնել հայրենիքին, տէր ըլլալու համար հայրենիքին եւ հայոց իրաւունքին:

«Մամա»-ին յիշատակի վկայութիւնն է պատկերի աղջնակ Արաքսին, հայ մեծ մայր արդէն, որ երբ կը խօսի, կը զգաք երախտագիտութիւնը: Շառաւիղները պէտք է ըլլան հայրենատէր եւ հայրենաբնակ, որպէսզի իմաստաւորուի Մարիա Եաքոպսեններու եւ Քարեն Եփփէներու առաքինի գործը:

Այդ կ՛ըլլայ հայուն իսկական յաղթանակը` ըսելու աշխարհին, որ ապրեցանք, վերականգնեցանք, կը տեւենք, ազգ ենք եւ հայրենատէր:

Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ը եւ թանգարանը յիշողութեան կոթողներ են, պէտք է երբեմն երթալ, տեսնել, մտածել անցեալի, ներկայի եւ մանաւանդ վաղուան մասին: Տեսնեն` սփիւռք(ներ)ի հայերը, նաեւ` Հայաստանի հայերը, հասկնալու համար, որ ունեցած ենք եւ ունինք հասարակաց ճակատագիր:

 

 

 

 

Արցախեան Մամուլի Պատասխանատուները Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումարում

$
0
0

Նիւթը պատրաստել է
ՅԱՍՄԻԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ, յուլիսի 2-4-ը Պէյրութում տեղի է ունեցել Հայ մամուլի համահայկական համագումարը, որին մասնակցել են նաեւ արցախեան մամուլի պատասխանատուները` քաղաքական վերլուծաբան Միքայէլ Հաջեանը, «Ազատ Արցախ» հանրապետական թերթի խմբագիր Նորեկ Գասպարեանը, «Արցախփրես» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Վահրամ Պօղոսեանը, ՀՅԴ «Ապառաժ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Արա Պուլուզեանը:

Համագումարին բացման խօսքով հանդէս է եկել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Առաջինը: Նա նշել է, որ 2019 թուականը հռչակուել է որպէս Հայ մամուլի տարի: Արամ Առաջինն իր խօսքում անդրադարձել է առկայ համահայկական քարոզչական դաշտի խնդիրներին, հայկական մամուլի ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներին, ելեկտրոնային լրատուութեան դրական եւ բացասական ազդեցութիւններին:

Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը կարդացել է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ողջոյնի խօսքը` ուղղուած համագումարի մասնակիցներին:

Համաժողովի երկրորդ նիստին «Արցախփրես» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Վահրամ Պօղոսեանը հանդէս է եկել «Արցախեան մամուլը. մարտահրաւէրներ եւ խնդիրներ» թեմայով զեկոյցով:

Նա անդրադարձել է արցախեան մամուլի խնդիրներին եւ համահայկական լրատուադաշտում դրանց առանձնայատկութիւններին:

«Ապառաժ»-ի հետ ունեցած զրոյցում Վահրամ Պօղոսեանը նշել է, որ համագումարին ներկայացրած արցախեան մամուլի խնդիրների մէջ առանձնացրել է այլընտրանքային հնարաւորութիւնների բացակայութիւնը:

Նա կարեւորել է տեղեկատուական դաշտում արհեստագիտական առաջընթացին համահունչ քայլելն ու մասնագէտների պարբերաբար վերապատրաստումը, համահայկական մարտահրաւէրների միասնական օրակարգի ձեւաւորումն ու լուծման գործում համահայկական ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործումը:

Արցախի լրագրողների վերապատրաստմանը խոչընդոտող ֆինանսական միջոցների անհրաժեշտութիւնը Վահրամ Պօղոսեանը համարել է լուրջ խնդիր, որի պատճառով, ըստ նրա, արցախեան մամուլն այսօր մեկուսացուել է:

«Մեր գլխաւոր խնդիրը ելեկտրոնային տարբերակների տեսքով հնարաւորինս շատ տեղեկատուութիւն փոխանցելն է ոչ միայն արցախեան, այլեւ համահայկական լսարանին, որովհետեւ համահայկական օրակարգը ձեւաւորւում է առաջին հերթին մամուլի միջոցով, եւ պէտք է հասանելի լինի հանրութեանը:

Վահրամ Պօղոսեանն խնդրայարոյց վերնագրերի, ֆեյք-նորութիւնների դէմ պայքարը համաշխարհային խնդիր է համարել:

«Խորքային հարցերի արդիւնքների մասին պէտք է խօսել յետոյ: Այնուհանդերձ, յոյս եմ յայտնում, որ մենք ինչ-որ յաջողութիւններ կ՛ունենանք, որովհետեւ պայմանաւորուածութիւն է ստեղծուել յանձնախումբ կազմելու եւ հետագայում շարունակելու ներկայացրած խնդիրներին պարբերաբար անդրադառնալու եւ լուծման ճանապարհներ փնտռելու հարցերը», եզրափակել է նա:

Քաղաքական վերլուծաբան Միքայէլ Հաջեանը վարել է համաժողովի «Մամուլը եւ նորարար արհեստագիտութեան մարտահրաւէրները» օրակարգային թեմայով երրորդ նիստը: Նրա գնահատմամբ, համաժողովը հայկական լրատուամիջոցների պատասխանատուների, մամուլի գործիչների համար միմեանց հետ առերես շփուելու ու մտքեր փոխանակելու արդիւնաւէտ ու պահանջուած հարթակ է:

«Անկախ նրանից, որ հայ լրատուական դաշտը ներկայացնում է քաղաքական տարբեր բեւեռներ, համահայկական խնդիրներում այն գործում է միասնական սկզբունքներով», նշել է նա:

Մեր զրուցակցի խօսքով, համայն հայութեան ազգային պահանջատիրութեան` Հայ դատի, Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչման գործընթացներին հակակշիռ հետզհետէ առաւել լայնօրէն ծաւալուող ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարում հայ լրատուական դաշտի անելիքները, փաստօրէն, շատ աւելին են, քան կատարուած է ու կատարւում է առայսօր:

Կարեւորելով հայկական լրատուամիջոցների համագործակցութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը` նա նշել է, որ այդ խնդիրն առաւել արդիւնաւէտ կարելի է կեանքի կոչել գործընթացի նկատմամբ համակարգային մօտեցման պարագայում: Հակառակ պարագան, Միքայէլ Հաջեանի համոզմամբ, բացասաբար է անդրադառնում արտաքին տեղեկատուութեան ու քարոզչութեան ասպարէզում հայ մամուլի գործունէութեան վրայ, որոշակի նուազեցնում նրա արդիւնաւէտութիւնը:

«Արդիւնքում,- նշել է նա,- փաստօրէն խախտւում է տարուող աշխատանքների նպատակասլացութեան եւ հետեւողականութեան սկզբունքը, անտեսւում ռազմավարական ու մարտավարական բնոյթի թեմատիկ խնդիրների փոխհամաձայնեցուած յատկանշման եւ դրանց դերաբաշխուած ու ներդաշնակ լուսաբանման անհրաժեշտութիւնը»:

Միքայէլ Հաջեանի տեսակէտով, արտաքին քաղաքական ու տեղեկատուական մարտահրաւէրներին արժանուոյնս դիմակայելու համար անհրաժեշտ ու նպատակայարմար է ստեղծել այդ ասպարէզում տարուող աշխատանքները համակարգող համահայկական մարմին:

Համագումարի 5-րդ նիստը նախագահել է «Ապառաժ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Արա Պուլուզեանը: Նա հանդէս է եկել «Տեղեկատուական անվտանգութիւնը եւ լրատուութեան հաւաստիութիւնը» թեմայով զեկոյցով: Արա Պուլուզեանի խօսքով, այսօրուայ լրատուադաշտում լրատուամիջոցը գործում է որպէս զէնք եւ կարող է օգտագործուել թէ՛ բարու, թէ՛ չարի կողմից:

«Մենք պարտաւոր ենք այդ զէնքն օգտագործել մեր թշնամիների ուղղութեամբ: Միաժամանակ, ներքին լրատուական դաշտում պէտք չէ հատենք կարմիր գծերը` միմեանց նկատմամբ ցուցաբերելով յարգանք», յաւելել է նա:

Նոյն նիստին «Ազատ Արցախ» հանրապետական թերթի խմբագիր Նորեկ Գասպարեանը հանդէս է եկել «Սեփական ստորագրութեան հաւաստիութիւնը» զեկոյցով: Խմբագիրն անդրադարձել է տպագիր մամուլի խնդիրներին: Ըստ նրա, այն կարծես դուրս է մղուել տարածքից, եւ միշտ չէ, որ կարողանում է ապահովել տեղեկատուութեան արագութիւն: Հայկական լրատուադաշտում տպագիր մամուլի այս խնդիրը նա որակել է որպէս բաւականին մտահոգիչ:

Իր զեկոյցում Նորեկ Գասպարեանն անդրադարձել է ստորագրութեան արժանապատուութեանն ու հաւաստիութեանը: Նրա խօսքով, նոր սերունդը, թւում է, այնքան էլ չի յարգում իր ստորագրութիւնը եւ հեռացել է ազնիւ, արդար, պետականամէտ լրագրութիւնից:

Սերնդափոխութեան մասին խօսելիս` նա ընդգծել է. «Ես հաւատում եմ նոր սերնդին, բայց վախենում եմ երբեմն չհասկանալ նրանց: Լրագրողը սխալուելու իրաւունք չունի, քանզի սխալուելը հաւասարազօր է ականապատուած դաշտով անցնելուն»: Ն. Գասպարեանն ափսոսանք է յայտնել, որ համաժողովի օրակարգում չի ընդգրկուել Արցախի միջազգային ճանաչման հարցը: Ըստ նրա,  համաժողովից առանձնայատուկ ակնկալիքներ ունենալը ամենեւին էլ ճիշդ չէ, որովհետեւ այն աւելի շատ միմեանց հանդիպելու, նոր ծանօթութիւններ հաստատելու, համագործակցութեան ծրագրեր մշակելու, ապագան որոշակիօրէն ուրուագծելու լաւագոյն առիթ կարելի է համարել:

Նորեկ Գասպարեանը շնորհակալութիւն է յայտնել համագումարի կազմակերպիչներին` յանձին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Առաջինին, ում ներկայութիւնն ու փառահեղ եւ հայեցի խօսքը վայելելը նա երանութիւն է համարում:

 

 


Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն . Արդար Քաղաքական Ղեկավարութիւն

$
0
0

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Մարդկութեան պատմութեան նախօրեակին ժողովուրդներ սահմանափակուած էին իրենց քաղաքի պարիսպներով: Անոնց վրայ իշխող ամէն մէկ ղեկավար ունէր իր յատուկ քաղաքականութիւնն ու օրէնքը: Երկիր հասկացողութեան առաջին գաղափարը կերտուած է հին Եգիպտոսի Նեղոս գետին շուրջ, ուր առաջին թագաւորութիւնը հիմնուած էր: Ետքը թագաւորութիւնները ընդլայնած եւ կայսրութիւններ կազմած են` սկսելով Մեծն Աղեքսանդրէն, որուն կայսրութիւնը Յունաստանէն մինչեւ Հնդկաստան կ՛երկարէր, ապա անցնելով շատ մը ուրիշ կայսրութիւններէ, որոնցմէ հարկ է յիշել հռոմէական, աւելի ուշ օսմանեան եւ Խորհրդային Միութեան կայսրութիւնները, ուր քաղաքականութիւնը եւ օրէնքներուն սահմանը քարէ պարիսպներէն դուրս ելլելով եւ մտքերու պարիսպները սահման ունենալով,  իշխանութիւններ ուժի միջոցով իրենց գաղափարաբանութիւնը կը տարածէին եւ իշխանութեան քաղաքականութեան սահմանները կ՛ընդլայնէին:  Մարդ արարածը ցեղախումբերու կը պատկանի եւ բնազդօրէն կ՛ուզէ ապրիլ խումբերու մէջ, որոնք նոյնանման են եւ նոյնպէս կը մտածեն: Քաղաքականութիւնը եկած է համախմբելու նոյնանման մտածելակերպի տէր մարդիկ` տարբեր խումբերու մէջ:

Այս խումբերուն մէջ յառաջ եկած են ժողովրդավարական կարգեր, որոնց վրայ զետեղուած է ղեկավարութիւն, որ, ըստ օրէնքի, մտաւորական մեծ կարելիութեամբ օժտուած պէտք է ըլլայ: Դժբախտաբար այս բոլոր կարգերը ընդհանրապէս կը խանգարուին, երբ դրամը կը գործէ, եւ դրամի ուժով մտային սահմանափակ կարողութեամբ անձեր իշխանութեան կը հասնին եւ հետեւանքը կ՛ըլլայ այն, որ  աշխարհաքաղաքական եւ ժողովրդավարական վնասներու պատճառ կը հանդիսանան:

Աշխարհի ժողովուրդները միշտ եղած են յաղթողի կամ պարտուողի դերին մէջ. անոնք միշտ ալ քաղաքական խաղերու զոհ դարձած են: Չունեցողը ունեցողէն անարդար ձեւով առած է, իսկ ունեցողը անարդար ձեւով ուրիշին իրաւունքին տիրանալու փորձ ըրած է ուժի միջոցով: Յաջող ղեկավար մը պէտք է կարողանայ իր մտածելակերպը ընդունելի դարձնել իր ժողովուրդին եւ համապատասխան ծառայութիւն շնորհէ անոնց` արդարութեամբ եւ առանց զատողութեան: Այն ղեկավարը, որ միայն ուժի կամ դրամի վստահելով իշխանութեան կը հասնի, պիտի չկարողանայ գոյատեւել: Ի՞նչ օգուտ, եթէ ժամանակաւոր ձեւով հասնի փառքի, բայց ետքը տապալի` դառնալով ծիծաղի առարկայ իր ժողովուրդին կողմէ: Ղեկավարը միայն արդարութեամբ կրնայ գոյատեւել, ապա թէ ոչ, ուշ կամ կանուխ պիտի լճանայ…  Ինչպէս Կանտին ըսած է, որ յաջող ղեկավար մը կարող է ազգեր առաջնորդել, բայց պէտք է մնայ արդար, որպէսզի գոյատեւէ իր յաջողութեամբ:

Պատմութեան ընթացքին իշխանութիւնները մեծ մասամբ տապալած են իրենց անարդարութեան պատճառով: Քաղաքականութիւնը կը պարտադրէ գաղտնիքներ ունենալ եւ խոհեմ ձեւով ղեկավարել, բայց եւ այնպէս, երբ գաղտնիքները ծածկելու համար կեղծիքներուն շարքը կ՛երկարի, այս անգամ ձախողութեան ժամկէտը կը սկսի մօտենալ: Ինչպէս ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Աբրահամ Լինքըլն. «Դուք կարող էք  ամբողջ ժողովուրդը խաբել որոշ ժամանակ եւ որոշ մարդիկ` ամբողջ ժամանակ, բայց դուք չէք կրնար խաբել բոլոր մարդիկը ամբողջ ժամանակ»: Ղեկավար մը հարկ է միշտ վերատեսութեան ենթարկէ իր վարած քաղաքականութիւնը եւ պատրաստ ըլլայ մտիկ ընելու քննադատութիւններ, որոնցմէ ետք ինքնաքննադատութեան միջոցով պիտի կարողանայ իր թերացումները սրբագրել…

Ժողովուրդի մը  ապրելակերպի բարելաւումը ղեկավարի մը իշխանութեան շարունակութեան թթուածինը կը դառնայ միայն այն ատեն, երբ խօսքը գործի կը վերածուի, ապա թէ ոչ օրը պիտի գայ, եւ պիտի տապալի: Միշտ յիշենք, որ ամէնէն հզօր կայսրութիւններն ալ տապալած են անարդարութեան պատճառով…  Ղեկավարի մը համար արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը միակ ձեւերն են իր բարոյական դիրքը պահելու համար: Նոյնիսկ եթէ ժամանակը գայ եւ պաշտօնը կորսնցնէ, արդար ղեկավարը երբեք իր բարոյական դիրքը չի կրնար կորսնցնել կեղծաւոր ղեկավարի մը նման, որ ծիծաղելի վերջ մը կ՛ունենայ, հոգ չէ, թէ որքան հարստութիւն կրցած է դիզել: Հեռատես եւ խոհեմ ըլլալը կարեւոր է, որպէսզի լաւ վերջ մը շնորհելով ժողովուրդին` ղեկավար մը իր սխալները եւ թերացումները կարողանայ յաջող ձեւով ծածկել: Ինչպէս Մաքիավելլին ըսած է. «Վերջը կ՛արդարացնէ միջոցները», այլապէս, հակառակ ժամանակաւոր յաջողութիւններ արձանագրած ըլլալուն, ձախող աւարտը պիտի ծածկէ ամէն բան:

 

 

 

Եւրոպական Միութիւնը Եւ Միացեալ Նահանգներ Կը Պատժեն Թուրքիան` Երկու Տարբեր Խախտումներու Համար

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Անորոշութեամբ եւ հակասութեամբ յատկանշուող քանի մը ամիսներ ետք, թէ՛ Եւրոպական Միութիւնը, թէ՛ Միացեալ Նահանգները նոյն շաբթուան ընթացքին որոշեցին պատժել Թուրքիան` երկու տարբեր խախտումներու համար:

«Ասոշիէյթըտ փրես» գործակալութիւնը 16 յուլիսին հաղորդած է, որ Եւրպական Միութեան արտաքին գործերու նախարարները «հաստատած են պատժամիջոցներ Թուրքիոյ դէմ` կազի հորատման աշխատանքներ կատարելուն համար այն ջուրերուն մէջ, ուր Եւրոպական Միութեան անդամ Կիպրոսը ունի տնտեսական իւրայատուկ իրաւունքներ: Անոնք յայտարարած են, որ կը կասեցնեն օդային փոխադրումներու մասին համաձայնագիրին բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ` բարձր մակարդակի Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն երկխօսութիւնները եւ կոչ կ՛ընեն Եւրոպական ներդրումային դրամատան` վերանայելու իր վարկաւորումը Թուրքիոյ:

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները դժգոհեցան, որ` «Հակառակ  Եւրոպական Միութեան բազմաթիւ կոչերուն` դադրեցնելու անօրինական գործունէութիւնը Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ, Թուրքիա շարունակեց իր հորատման աշխատանքները Կիպրոսի արեւմտեան մասը եւ սկսաւ երկրորդ հորատման աշխատանքը` Կիպրոսի հիւսիս-արեւելքը, կիպրական տարածքային ջուրերուն մէջ»:

Անգարայի իշխանութիւնները, թրքական յատուկ ամբարտաւանութեամբ, Եւրոպական Միութեան որոշումը «անպէտք» անուանեցին: Աւելի՛ն. Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց. «Մենք երեք նաւ ունինք Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ, պիտի ղրկենք չորրորդը»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները զգուշացուցին, որ Թուրքիոյ նկատմամբ պիտի կիրարկուին լրացուցիչ պատժամիջոցներ, եթէ Թուրքիա չհրաժարի Կիպրոսի շուրջ ծաւալող անօրինական հորատման աշխատանքներէն:

Միեւնոյն ժամանակ, ամիսներու անվճռականութենէ ետք, նախագահ Թրամփ վերջապէս որոշեց արգիլել Թուրքիոյ` ձեռք բերել Միացեալ Նահանգներու նորագոյն Էֆ-35 հալածիչները, հակառակ անոր որ Թուրքիա արդէն վճարած էր մէկ միլիառ տոլար` 116 հալածիչ ստանալու համար եւ մասնակցած` օդանաւի որոշ մասերու արտադրութեան ծրագիրին, որուն դադրեցման պատճառով Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան կը հասցուի մօտաւորապէս 10 միլիառ տոլարի վնաս:

Քանի մը առիթներով Թրամփ արդարացուցած է Թուրքիոյ կողմէ ռուսական Էս-400 հրթիռներու ձեռքբերումը` սխալմամբ մեղադրելով Օպամայի վարչակազմը, որ ամերիկեան «Փեթրիըթ» հրթիռները Թուրքիոյ ծախելու գաղափարէն հրաժարած էր: Իրականութեան մէջ Թուրքիան է, որ չէ ընդունած Միացեալ Նահանգներու առաջարկած վաճառքի պայմանները:

Միւս կողմէ` Թրամփ գովեստի շռայլ խօսքեր կ՛ըսէր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հասցէին այն պահուն, երբ ՕԹԱՆ-ի ղեկավարները, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը եւ ապահովութեան պաշտօնեաները նախազգուշացուցած էին Թրամփը, որ Թուրքիոյ Էֆ-35-ներու վաճառքը կրնայ վտանգել օդանաւերուն մասին գաղտնի համաձայնութիւնը եւ խախտել ՕԹԱՆ-ի զինական համակարգին հետ ռուսական հրթիռներու գործնական միացումը:

Հաշուի առնելով Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան ակնյայտ սպառնալիքները, կապուած Թուրքիոյ` ռուսական հրթիռներ ստացման հարցին, Թրամփ այլընտրանք չունէր, եթէ ոչ` չեղեալ համարել Էֆ-35 օդանաւերը Թուրքիոյ ծախելու համաձայնագիրը: Հակառակ պարագային, Թրամփ կը յայտնուէր ծիծաղելի իրավիճակի մը մէջ` կիրարկելով «Առաջինը Թուրքիան», այլ ոչ թէ իր սիրելի` «Առաջինը Ամերիկան» կարգախօսը:

17 յուլիսին Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ «Էֆ-35»-ը չի կրնար տեղ գտնել ռուսական հետախուզական տուեալներու հաւաքագրման ծրագրին մէջ, որ կ՛օգտագործուի Ռուսիոյ նորագոյն կարելիութիւնները հասկնալու համար»: Կը նշուէր, որ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական Էս-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի ձեռքբերման որոշումը անկարելի կը դարձնէ անոր հետագայ մասնակցութիւնը Էֆ-35 հալածիչներու համատեղ ծրագրին:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի` գնումներու եւ կայուն զարգացման հարցերով տեղակալ Էլեն Լորտ յայտարարած է. «Ամերիկան եւ Էֆ-35-ի գծով գործընկերները համաձայն են կասեցնելու Թուրքիոյ մասնակցութիւնը այս ծրագրին, ինչպէս նաեւ` Թուրքիան այդ ծրագրէն պաշտօնապէս հեռացնելու համար յատուկ գործընթացի մը նախաձեռնելու որոշումին»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր ամբարտաւանի սովորական ոճով զգուշացուցած է Միացեալ Նահանգները, որ եթէ վերջինս պատժամիջոցներ կիրարկէ Թուրքիոյ դէմ, ապա իր երկիրը վրէժխնդիր կ՛ըլլայ իր սեփական պատժամիջոցներուն փաթեթովը` ընդդէմ Միացեալ Նահանգներու: Եկէք` տեսնենք, թէ արդեօք Թուրքիա իր բարձրակոչ յայտարարութիւններէն բացի` կ՛իրականացնէ՞ իր սպառնալիքները: Ակնյայտ է, որ Ամերիկայի տնտեսական պատժամիջոցները կրնան յանգեցնել Թուրքիոյ փխրուն տնտեսութեան ամբողջական փլուզման:

Նախագահ Թրամփ, որ շատ յաճախ կ՛անտեսէ Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերը` գործարարական շահութաբեր համաձայնութիւններու հաշուոյն, յայտարարած էր, որ Թուրքիա կը փափաքի գնել միլիառաւոր տոլարներ արժողութեամբ Էֆ-35 հալածիչներ: Ըստ սովորութեան, Թրամփ չափազանցած է թիւերը: Իրականութիւնը այն է, որ Թուրքիա կը ծրագրէր ծախսել միայն մէկ միլիառ տոլար` Էֆ-35 օդանաւեր ստանալու համար, այլ ոչ թէ` միլիառներ: Ասկէ զատ, կարգ մը երկիրներ, որոնց շարքին` Հոլանտա, Իսրայէլ եւ Ծոցի երկիրներէն մէկը, արդէն նշած են, որ լրացուցիչ հալածիչներ ստանալու միջոցով փոխհատուցում պիտի կատարեն` Թուրքիոյ կողմէ ձեռք չբերուած հալածիչներու դիմաց:

Այսուամենայնիւ, Էֆ-35 հալածիչներու թրքական ձեռքբերման արգիլումը միակ պատժամիջոցը չէ, որ կրնայ կիրարկուիլ Թուրքիոյ դէմ: Թրամփ 2017-ին ստորագրած է «Պատժամիջոցներու միջոցով Ամերիկայի հակառակորդներուն հակազդելու մասին» օրէնքը (CAATSA): Ան պարտաւոր է այս օրէնքով պատժամիջոցներ կիրարկել Թուրքիոյ դէմ` Ռուսիայէն հրթիռներ գնելուն պատճառով: Նման որոշում մը կախուած չէ Թրամփէն: Այսուհանդերձ, «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ը 21 յուլիսին հաղորդած է, որ Թրամփ դէմ է Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրարկելու հարցին: Նախագահը այս շաբաթ կը  նախատեսէ տեսակցիլ խումբ մը ծերակուտականներու հետ եւ քննարկել Թուրքիոյ դէմ հնարաւոր պատժամիջոցները, քանի որ  օրէնսդիրներու կողմէ ճնշում կը գործադրուի Անգարան պատժելու համար: Թրամփ ունի երեք տարբերակ. առաջին` խուսափիլ որեւէ պատժամիջոցէ, երկրորդ` յետաձգել պատժամիջոցները, եւ երրորդ` առաջարկել պատժամիջոցներու աւելի մեղմ տարբերակ: Ամենայն հաւանականութեամբ, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը պատժամիջոցներ կը կիրարկէ Թուրքիոյ դէմ, եթէ նախագահը նման բան չընէ…

Նոյնիսկ առանց պատժամիջոցներու` Թուրքիա արդէն վնաս կրած է միլիոնաւոր տոլարներու բացասական գովազդէն: Անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու շարք մը մեծ  հրատարակութիւններ խմբագրականներ գրեցին` հարցականի տակ դնելով Թուրքիոյ անդամակցութիւնը ՕԹԱՆ-ին:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի խմբագրութիւնը գրեց. «Միացեալ Նահանգներ եւ ՕԹԱՆ այժմ այլընտրանք չունին` բացի վերանայելէ, թէ արդեօ՞ք Թուրքիա կը շարունակէ մնալ իբրեւ դաշինքի անդամ»:

«Պլումպըրկ» հրապարակեց խմբագրական մը` «Թուրքիան կը լքէ Արեւմուտքը: Երթա՛ս բարով» վերնագիրով:

Ճետ Պապպին «Ուաշինկթըն Թայմզ» թերթին մէջ խմբագրական յօդուած գրեց` «Թուրքիան վռնտեցէ՛ք ՕԹԱՆ-էն» վերնագիրով:

Անցնող իւրաքանչիւր օրուան հետ Թուրքիա աւելի ու աւելի կը հեռանայ ՕԹԱՆ-էն` յօգուտ Ռուսիոյ: Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներու համադրումը մահացու կ՛ըլլայ Թուրքիոյ տնտեսութեան եւ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան համար…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Մուսա Լերան Գիւղերէն Այնճար Եկած Ենք…

$
0
0

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Արդէն 80 տարի եղաւ:

Մուսալեռցիները, մերժելով ապրիլ թրքական լուծի տակ, կամովին հրաժարելով իրենց կալուածներէն եւ ինչքերէն` եկան կայք հաստատելու Այնճար կոչուած անապատ-տափաստանին մէջ, անգամ մը եւս իրենց կամքը կոփելու եւ ապրելու հոն, ուր ուրիշներ չկրցան ապրիլ ու գոյատեւել:

Ճիշդ բնորոշած էր մուսալեռցի նշանաւոր գրող Եդուարդ Պոյաճեանը. «Գէշ թուականի մը եւ շատ գէշ պայմաններու տակ» հիմնուեցաւ  մուսալեռցիներու նոր մայրաքաղաք Մուսա Լեռ- Այնճարը:

Այնճա՜ր, Այնճա՜ր` մուսալեռցիներու մահաբոյր գաղթակայանը, ուր աւելի քան 1000 գաղթականներ զոհ գացին մալարիային, անօթութեան, ցուրտին…       Այս անապատը ովասիսի վերածելու համար երեք սերունդ մուսալեռցիներ իրենց ամբողջ կեանքը տուին պայքարելով` կենդանի մնալու, պարտէզներ հիմնելու եւ ստեղծելու իւրայատուկ հայկական կեդրոն մը, որ հպարտութիւնն է իւրաքանչիւր հայու:

80 տարի եղաւ արդէն:

Ոչինչէն ծնունդ առած այս շէն հայկական քաղաքը դիմադրելով բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն` շարունակեց ապրիլ ու զարգանալ: Հայու շինարար ոգին ամէնէն փայլուն կերպով երեւցաւ հոս, այս անապատին մէջ:

Դժուար է հաւատալ, որ կարելի է այսքան փոփոխութիւն  կատարել 80 տարուան ընթացքին: Փաստը մէջտեղն է բոլոր թերահաւատներուն համար մանաւանդ:

Մուսալեռցիները իրենց ճակտի քրտինքով կերտեցին այս աւանը` միշտ զգալով իրենց թիկունքին Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որուն կ՛երթայ այս աւանին ստեղծման ու զարգացման պատիւը:

Շնորհիւ Մուսա Լեռ-Այնճարի գոյութեան` կենդանի մնաց թէ՛ Մուսա Լերան հերոսամարտի յիշատակը, թէ՛ նաեւ մուսալեռցիներու անցեալը, աւանդութիւնները, բարբառը…

Արդէն 80 տարի եղաւ: Կանգուն է մուսալեռցիներուն մայրաքաղաքը: Ան ունի նոր տեսք եւ նոր տեսիլք:

Դժուարութիւննե՞ր, շա՜տ. մուսալեռցին, սակայն, ե՞րբ դժուարութիւններէն վախցած է:

1915-ին մեր պապերու «խենթութիւն»-ը փրկեց մեզ:

Հիմա ալ կան «խենթ» մուսալեռցիներ: Այնճարի գոյատեւումն ու զարգացումը փաստեր են այս գծով:

Մեր նախկին տնօրէնը գրած էր.

«Մենք լեռն ենք տակաւին, թող ետ գայ թշնամին». իսկ վերջերս մահացած մեր ընկերներէն մէկը կը մաղթէր. «Լեռնէն վար չիջնէք. վա՜յ մեզի, եթէ լեռնէն իջանք ցած»:

Այս է Մուսա Լեռ-Այնճարի ճանապարհը:

80 տարի լերան վրայ, 80 տարի միշտ պատրաստ, 80 տարի բաց ծովուն մէջ` ընդդէմ բոլոր փոթորիկներուն:

80-ամեակդ շնորհաւոր, մեր հարազա՛տ, հայկակա՛ն աւան:

Մուսա Լեռ-Այնճար
23 յուլիս 2019                                            

                                  

Այլակերպութիւն (Վարդավառ)

$
0
0

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն
ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՎՐԴ. ՓԱՇԱՅԵԱՆ

Նախաքրիստոնէական շրջանին Վարդավառի տօնը կապուած էր ջուրի, սիրոյ, պտղաբերութեան ու գեղեցկութեան աստուծոյ` Աստղիկին: Այդ օրերէն իսկ Վարդավառը կը տօնուէր մեծ հանդէսներով: Մարդիկ Աստղիկ աստուածուհիին կը նուիրէին վարդեր ու իրարու վրայ ջուր կը թափէին: Այդ ջուրը իրարու վրայ նետելով` կարծէք մարդիկ իրարու կը յիշեցնեն ջրհեղեղը, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս տեղի ունեցաւ այդ: Այլ խօսքով, սթափեցման սովորութիւն մըն է: Տօնը նաեւ առիթ եղած էր անցեալին, որ մեր նախահայրերը անձրեւ խնդրելու աղօթք եւ ծէս կատարէին: Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան տօնը մեր նախնիները կոչած են նաեւ Վարդավառ, որուն արմատները մեր ժողովուրդը կը կապէ ջրհեղեղէն ետք ծիածանով Աստուած-մարդ հաշտութեան հետ:

Քրիստոնէական գետնի վրայ եւս, անցեալին Վարդավառը տօնուած է աւելի մեծ տարողութեամբ: Մարդիկ իրենց տուները կը զարդարէին կանաչ ոստերով, ծաղկեփունջներ կը նուիրէին իրարու, եկեղեցւոյ հասկեր կը նուիրաբերէին` իբրեւ օրհնութիւն: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ այս տօնին միացուցած է հին հայ հեթանոս մեր հայրերուն Վարդավառի աւանդութիւնը, երբ վարդերու տօնին մեր հեթանոս հայրերը իրարու վրայ ջուր կը սրսկէին, ու հետաքրքրականը այն է, որ մինչեւ այսօր կը պահուի այս աւանդութիւնը: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ տեսնելով, որ անհնար է այդ տօնը վերացնել հայկական աւանդութիւններէն, տօնը փոխարինած է մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի այլակերպութեան տօնով: Ժողովուրդը քրիստոնէական շրջանին ալ, սիրելով այս տօնը, զայն նշանակած է Հայ առաքելական ս. եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկը` անգամ մը եւս շեշտելու անոր կարեւորութիւնն ու ժողովուրդին կապուածութիւնը: Վարդավառի կամ Այլակերպութեան տօնը օրացուցային հաշուարկներով կը զուգադիպի 28 յունիսէն 1 օգոստոսի միջեւ:

Կրօնական առումով, ան հիմնուած է մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի կեանքի ընթացքին պատահած այն դէպքին վրայ, երբ Քրիստոս իր երեք աշակերտները` Պետրոսը, Յակոբոսն ու Յովհաննէսը առնելով, Թափօր լեռ բարձրացաւ ու անոնց դիմաց պայծառակերպուեցաւ: Իր դէմքը արեգակի նման փայլեցաւ եւ զգեստները ձիւնի նման ճերմկցան (Մտ 17.2, Հմմտ 9.2, Ղկ 9.29): Այնտեղ երեւցան նաեւ Հին կտակարանի մարգարէներէն Մովսէսն ու Եղիան: Այս դէպքը խորհրդանիշ մըն էր Քրիստոսի փառաւորումին, երբ տեղի պիտի ունենար իր խաչելութենէն ու յարութենէն ետք, երբ ան դարձեալ իր աստուածային փառքին պիտի վերադառնար: Ղուկաս Աւետարանիչ կը պատմէ, որ անոնք կը խօսէին Քրիստոսի երկրային կեանքի վերջին օրերու դէպքերուն մասին, որոնք տեղի պիտի ունենային Երուսաղէմի մէջ (Ղկ 9.31): Սքանչելի տեսարանէն հիացած` Պետրոս առաքեալ կը բացագանչէ. «Վարդապե՛տ, լաւ է, որ մենք հոս մնանք. երեք վրաններ լարենք, մէկը` քեզի, մէկը` Մովսէսին եւ միւսը` Եղիային համար: Մինչ ան կը խօսէր, լուսափայլ ամպ մը հովանի կը դառնայ անոնց, եւ ամպերուն մէջէն եկող ձայնը կ’ըսէ. «Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաճեցայ, Անո՛ր լսեցէք» (Ղկ 9.31):

Ի՜նչ սքանչելի զօրութիւն եւ հայրական սիրոյ վառ արտայայտութիւն: Երկինքէն լսուած ձայնը ցոյց կու տար Հայր Աստուծոյ իր Որդիին հանդէպ ունեցած սէրը եւ Որդիին ընդմէջէն` ամբողջ մարդկութեան: Արդեօք Հայր Աստուծոյ վկայութիւնը Քրիստոսի կապուած ի՞նչ նպատակներ կը հետապնդէր.

Ա) Մարդը փրկել: Մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս,  թողելով երկնային իր փառքը, յանձն առաւ իջնել երկիր, մարդանալ, մարդոց հետ ըլլալ, ապրիլ անոնց տագնապներով, անոնց հե՛տ նստիլ, հաց կիսել, խօսի՛լ անոնց, խրատել. այս բոլորը սիրայօժար կատարեց, սակայն` միաժամանակ միշտ մնալով որպէս կատարեալ Աստուած: Յովհաննու Աւետարանի 3-րդ գլխուն մէջ կը կարդանք այն ճշմարտութիւնը, որ Քրիստոս աշխարհ եկաւ փրկելու համար կորսուած մարդկութիւնը. հետեւաբար Աստուծոյ յայտնութեան առաջին եւ հիմնական նպատակը մարդու փրկութիւնն ու Աստուծոյ թագաւորութեան հաստատումն է: Քրիստոս եկաւ մարդիկը փրկելու խաւարի իշխանութենէն, մեղքի տիղմէն եւ առաջնորդելու դէպի իսկական եւ յաւիտենական կեանքը: Ան մի՛շտ իր աշակերտներուն եւ մեզի բոլորիս սորվեցուց, թէ Աստուծոյ արքայութիւնը մեր մէջէն կը սկսի, այսինքն եթէ հաւատանք ու հետեւինք Քրիստոսի, ան պիտի բնակի մեր մէջ, մենք` իր մէջ: Իսկ ուր որ է Արքան, հոն կ’ըլլայ նաեւ արքայութիւնը:

Բ) Ճշմարիտ կեանք պարգեւել: Քրիստոս եկաւ այնպիսի ժամանակ, երբ մարդը անկեալ վիճակ մը կը ներկայացնէր, մինչեւ որ Մարդու Որդին եկաւ ապրելու եւ քարոզելու ճշմարիտ կեանքը, հրաւիրելու իր մօտ բոլոր անոնք, որոնք ծարաւը ունէին յագենալու ճշմարտութեան, սիրոյ եւ արդարութեան խօսքերով ու մանաւանդ աստուածահաճոյ գործերով: Աստուած այս բոլորը կատարեց, եղաւ մարդուն հետ ու մարդուն համար: Ինք, որ Աստուած էր, աշխարհ եկաւ ո՛չ թէ մարգարէական խօսքերը իրականացնելու համար սոսկ, այլ որպէսզի փրկէ զանոնք մեղքի գերութենէն: Այս բոլորը եղան շօշափելի այն փաստերը, որոնք Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին ու առաքելութեան ընթացքին արտայայտեցին անոր աստուածային եւ անշահախնդիր սէրը:

Գ) Սիրոյ գերագոյն օրինակը դառնալ մարդկութեան: Պահ մը երբ մենք զմեզ քննենք, պիտի տեսնենք, որ մեղքի ծովուն մէջ լուղորդներ ենք. կ’ապրինք բազմաթիւ հոգերով ու տագնապներով, նոյն մեղքերը յաճախ կը կրկնենք, եւ շատեր կ’ապրին Աստուծմէ հեռու կեանք մը: Միայն Քրիստոսի ունեցած սիրոյն զօրութեամբ կրնանք նուաճել ամէն դժուարութիւն եւ յաղթել մեղքին ու չարին եւ ապրիլ քրիստոսավայել կեանք մը: Սակայն այդ սէրը կրնանք ձեռք ձգել այն ատեն, երբ սիրոյ աղբիւրը` Քրիստոս, ինք ներգործէ մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ: Այս ձեւով, երբ կարդանք Աւետարանը եւ քննենք Քրիստոսի կեանքն ու գործունէութիւնը, այն ատեն վստահաբար հոգեկան գոհունակութիւն պիտի ստանանք, որովհետեւ ան սէր կ’արտայայտէ եւ կը հրաւիրէ մեզ` լսելու Քրիստոսի խօսքերը եւ ապրելու զանոնք: Երբ Քրիստոսի տուած սէրը մեր մէջ ունենանք, այն ատեն մեր կեանքով ու գործով, մեր շրջապատին մէջ կը սկսինք տարածել բարի պտուղներ, Քրիստոսի խօսքին համաձայն. «Մէկի տեղ` երեսուն, վաթսուն կամ հարիւր» (Մտ 13.8): Ամէն:

 

 

 

 

Անդրադարձ. Երկսայրի Սուրը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ռուսիոյ Տուման 24 յուլիսին վաւերացուց Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) կանոնադրութիւնը փոխող երկրորդ եւ երրորդ արձանագրութիւնները: Վերջինիս հիմամբ կը նախատեսուի ՀԱՊԿ-ի դէտի եւ գործընկերոջ կարգավիճակ շնորհել կազմակերպութեան անդամ չեղող երկիրներու, ինչ որ Հայաստանի համար կը բարձրացնէ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի` ՀԱՊԿ-ի նիստերուն մասնակցութեան ուրուականը, մանաւանդ այդ երկու երկիրներուն Ռուսիոյ հետ ունեցած յարաբերութիւններուն լոյսին տակ:

Վերոնշեալ արձանագրութիւնները պէտք է վաւերացուին ՀԱՊԿ-ի մնացեալ անդամ երկիրներուն խորհրդարաններուն կողմէ: Հայաստանի խորհրդարանին պարագային զանոնք կտրուկ կերպով մերժելու փորձութիւնը բնականաբար շատ մեծ է:

Նախքան այդ քայլը առնելը, սակայն, պէտք է նկատի ունենալ հետեւեալ երկու իրողութիւնները. առաջին` դէտի եւ գործընկերոջ կարգավիճակի երեւոյթը բնորոշ է միջազգային կազմակերպութիւններուն, եւ Մոսկուան զայն ստեղծելով կը փորձէ ՀԱՊԿ-ին շնորհել միջազգային հեղինակութիւն եւ դերակատարութիւն, բան մը, որմէ մինչեւ օրս զրկուած էր ան: Երկրորդ` Հայաստանի Հանրապետութիւնը ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովը իր լիազօրութիւններու աւարտէն առաջ տուն կանչելով եւ ՀԱՊԿ-ի մէջ երկարատեւ բաց մը եւ տագնապ մը ստեղծելով արդէն հարուածած է կամ առնուազն վնաս պատճառած այդ կազմակերպութեան հեղինակութեան: Մոսկուայի նպատակին իրագործումը արգելակող յաւելեալ քայլ մը կրնայ զայրացնել իր կոշտ ու կոպիտ հակազդեցութիւններով ծանօթ ռուսական արջը:

Պէտք է ըլլալ զգուշ եւ փորձել Հայաստանի գլխուն վրայ կախուած այս երկսայրի սուրին տակէն դուրս գալ` որդեգրելով կառուցողական մօտեցում մը. միաձայնութեամբ որդեգրել երկրորդ արձանագրութիւնը, իսկ խնդրայարոյց երրորդին պարագային ներկայացնել բարեփոխման հետեւեալ առաջարկը. ՀԱՊԿ-ի դէտի կամ գործընկերոջ կարգավիճակ կրնայ ստանալ այն երկիրը, որ դիւանագիտական բնականոն յարաբերութիւններ ունի  կազմակերպութեան անդամ երկիրներէն իւրաքանչիւրին հետ եւ չունի անոնցմէ որեւէ մէկուն հետ փակ սահման կամ տագնապ:

 

 

 

 

Ճաշարանին Մէջ

$
0
0

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

– Այս ճաշարանին լեհմեճունը (մսաշօթ) շատ համով է, Հալէպի համն ու հոտը ունի. տունը մնացողներուն քանի մը հատ տանինք, թող ուտեն, կ՛ըսէ քուէյթահայ մը իր մանչուկին:

Անոնք ամառնային արձակուրդի եկած են, եւ հայր ու որդի արեւելեան ճաշարանի մը մէջ նստած` կը ճաշակեն ֆուլն (արեւելեան պատրաստութեամբ բակլայի չոր հատիկներ) ու հումմուսը` ձէթով եւ առատ կանաչեղէնով:

* * *

– Կը յիշէ՞ք մեր թաղի արաբը, որ գլխուն վրայ մեծ մետաղեայ ափսէով կը պտտէր, բան մը կը ծախէր, կարծեմ® օր մը պանիր, օր մը բանջարեղէնի տեսակներ: Կոշտ ձայնով կը պոռար, թաղին անկիւնէն կը լսուէր ձայնը:

– Ինչպէ՞ս չենք յիշեր, որքա՜ն կատակ կ՛ընէինք մարդուն հետ:

– Մարդը գիւղացի կը կարծէինք սկիզբը, բայց պատերազմի ատեն մէկ անգամէն անհետացաւ:

– Հապա՛, ոմանք ըսին լրտես է, ոմանք` բանտարկուած…

Հայ արհեստաւոր բարեկամներ էին այս զրուցակիցները, մին Քանատայէն ժամանած, ուրիշներ` եւրոպական երկիրներէ… Անոնք ճաշարանի սեղանին շուրջ, արեւելեան համեմներով կը վերակենդանացնէին իրենց յուշերը:

Հալէպի արհեստաւորներուն շրջանները երբեմն քաղաքի արաբաբնակ թաղամասերուն մէջ էին, հեռու` հայկական շրջաններէ. այս արհեստաւորներուն խանութներն էին մեծ վնասներ կրողները, նոյնիսկ քանի մը հատը զինեալներու կողմէ գրաւուեցան, կամ հզօր պայթումով մը փուլ եկան: Հիմա հոս` Երեւանի մէջ համախմբուած, անոնք կը փորձեն այդ օրերու անցուդարձերը մեկնաբանել. իւրաքանչիւրը իր տեսանկիւնէն բացատրութիւն մը կու տայ, բայց բոլորին աչքերուն փայլքը, կարօտէ աւելի, ափսոսանք կը սփռէ, ու գրեթէ միասին ըսել կ՛ուզեն. «Ափսո՜ս, մեր լքուած կալուածներուն, արդեօք հիմա ի՞նչ է անոնց վիճակը»:

* * *

– Ֆեթթուշին մէջ պանի՞ր ալ կը դնեն,- կը հարցնէ ֆրանսահայ կին մը` հալէպահայ ընկերուհիին, որուն հետ նոյն ճաշարանին մէջ նստած` արեւուն տօթը թօթափել կը ջանան, ինչպէս նաեւ` արեւելեան աղցանով մը գոհացնել ստամոքսը:

– Հապա՛, չե՞ս փորձած, շատ համով կ՛ըլլայ. ապսպրենք, համտեսէ՛,- կը պատասխանէ զրուցակիցը:

* * *

– Ես եօթը տարի առաջ Հալէպէն ելայ, թոռնիկիս ծնունդին համար Ամերիկա պիտի երթայինք, պատերազմի հոտեր կային, լա՛ւ որ ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունինք, այդպիսով փրկուեցանք:

– Կարծեմ խանութդ «Պարոն» պանդոկին շրջանն էր:

– Այո՛, եկած ես քովս քանի մը անգամ,- կիներուն նայելով,- ձեզի չէ խօսքս անշուշտ, կինս տեսած է, բայց դուք` չեմ կարծեր,- ընկերոջ կնկան ուղղելով խօսքը:

– Ե՞ս, հարկաւ չեմ տեսած, այդ կողմերը ի՞նչ գործ ունէինք մենք` հայ կիներս:

Հայու մը հռչակը վայելող պանդոկին վայրը լրիւ արաբաբնակ էր, այդ շրջանները զբօսաշրջիկներու հետազօտութեան վայր դարձած էր, լքուած` հայութենէ:

* * *

– This is the falafel sandwich, that I had told you about, I՛m sure you՛ll like it.

– Oh, is this that sandwich? it seems delicious.

Երիտասարդ ամերիկաբնակ սուրիահայը կը ծանօթացնէ իր ամերիկացի բարեկամին:

* * *

Ճաշարանին մուտքին, սեղանէ մը, հալէպահայ կնոջ մը նայուածքը իսկոյն կը սառի` ներս մտնողը տեսնելով. միջին տարիքով տղամարդը կ՛որսայ նայուածքը, կը բանայ յիշողութեան դարպասները ու կը գտնէ անոր տէրը, ապա մօտենալով` ջերմօրէն կը բարեւէ. աչքերը կը խօսին, ակնթարթային պահ մը լուռ երկխօսութիւն մը կ՛ընթանայ, կնոջ աչքերէն կը հոսին անցեալէն յուզիչ ապրումներ, ապա` «Կը ներես», կ՛ըսէ ան, երբ յուշին ազդեցութենէն սթափիլ կը ջանայ, ջերմ, մտերմիկ գրկախառնումէ մը ետք. «Գիտեմ` ո՛ւր գացիր», կու գայ սփոփիչ պատասխանը, որուն նմանը տարիներ առաջ արտաբերած էր նոյն կինը սփոփելու:

Հալէպը կ՛ապրի հալէպահայուն մէջ, անբաժան է անկէ. անոր մէջ կ՛ապրին` կորուստը, ցաւը, չար ու բարի յուշերը, նոյնիսկ կը զարթնին մոռցուած պատառիկները, կամ` այդպէս կարծուածները, ու պահու մը ներգործութեամբ, կը բռնկին անոնք, լաւայի պէս կ՛այրեն, կը ճեղքեն կարծրացած դռներն յիշողութեան, կը հոսին այրող սպրդումով մը անխօս, անշշունջ, պահն է ժայթքումին, ինչպէ՞ս կարելի է բանտել զայն, մէկդի շպրտել… բայց անկէ ետք կու գայ հանգստութիւն մը, կը խորհի միտքը պատահածներուն նախախնամութեան որոշումի մը հետեւանքը ըլլալուն մասին, հապա ո՞վ գիտէր, որ այսպէս պիտի պատահէր…

Մինչ հոն` ճաշարանատէրը, դարձեալ սուրիահայ, հալէպահայերը համախմբող կեդրոն մը ստեղծած ըլլալու գոհունակութեամբ կը դիտէ բոլորը, եւ ինք եւս, թերեւս, յուշի մը վերապրումին մասնակից կ՛ըլլայ…

 

 

Կոմիտասի Ծննդեան 150-ամեակի Առիթով. Կոմիտասն Ու Ֆրանսացի Իր Ժամանակակիցները

$
0
0

Խօսքը կը վերաբերի Քլոտ Տեպիւսէի եւ Մորիս Ռաւելի նման հսկաներու, որոնց արուեստը պիտի ներկայացուի Մեծն Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն զուգահեռ` նոյն հարթակի վրայ: Մշակութային առումով, մեզի համար խի՛ստ անհրաժեշտ ձեռնարկ մըն է այս մէկը, որ տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբերի իննի երեկոյեան, Փարիզի նոյն անունը կրող հրապարակին վրայ գտնուող «Լա Մատլէն» տաճարին մէջ, հովանաւորութեամբ Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի եւ կատարողութեամբ «Ensemble 2e2 m» ֆրանսական դասական նուագախումբին: Իսկ երաժշտական մշակումն ու գործիքաւորումը իրագործած է քանատահայ յայտնի երգահան Պետրոս Շուժունեանը: Ահաւասիկ` ձեռնարկ մը, որ իր իսկական նպատակին ծառայելու գեղարուեստական ուժն ու միջազգային վարկ եւ հեղինակութիւն ստեղծելու անհրաժեշտ տուեալները  կը պարունակէ իր մէջ:

Այս յատկանշական ձեռնարկին մասին ընդհանուր գաղափար մը տալու համար մեր ընթերցողներուն, ստորեւ կու տանք երգահան եւ երաժշտագէտ Պետրոս Շուժունեանի` այս առիթով գրած բացատրական յօդուածը ամբողջութեամբ:       

                                                                                                           Մ. Ծ.

 

Բացառիկ  յարգանք եւ ուրոյն կապուածութիւն ունին Կոմիտասին հետ բոլոր այն հայ երաժիշտները, որոնց երաժշտական զգացողութիւնը  կը բխի մեր ազգային հոգեւոր արմատներէն ու կը տարածուի համամարդկային հարթակներու վրայ: Ատիկա կու գայ անկէ, որ ան եղաւ այն ռահվիրան, որ ոչ միայն ի մի բերաւ, այլ նաեւ յարութիւն տուաւ  մեր ազգային-ժողովրդական Երգ ու Բանի ոգեղէն արտայայտութեան: Իր խիստ մասնագիտական եւ բծախնդիր հետազօտական աշխատանքը բացայայտեց մեր երաժշտութեան իւրայատկութիւնն ու ցեղային պատկանելիութիւնը, որուն հիման վրայ ձեւաւորուեցաւ մերօրեայ համաշխարհայնօրէն մրցունակ «Հայ երաժշտութիւնը»:

Այս մէկը արդէն կը բաւէ, որ մենք պաշտենք Մեծն Կոմիտասը իբրեւ «Հայ երգի ու բանի փրկիչ»¬ի:

Այս բոլորին զուգահեռ, մենք` որպէս մասնագէտ երաժիշտներ, իր ստեղծագործական ժառանգին պարտաւոր ենք վերաբերելու  յատուկ խնամքով եւ մեծ զգուշութեամբ, որպէսզի կարողանանք առաւելագոյն չափով  պահել անոր հարազատութիւնը, ըմբռնելու եւ մեկնաբանելու  զայն, թէկուզ` մեր ստեղծագործական ուժերու ներածին չափով:

Հարցը այն է, որ Կոմիտաս մեկնաբանելու ժամանակ  պէտք չէ նմանեցնենք կամ բաղդատենք զայն այլ երգահաններու  մեկնաբանական արուեստին: Պէտք է ընենք ամէն ինչ, որպէսզի Կոմիտասը մնայ իրեն հարազատ ոլորտներու մէջ, եւ երաժշտական  մեկնաբանութիւնը հնչէ զուտ «կոմիտասական»:  Այս պարագային, արդէն ես ինծի հարց կու տամ, թէ իր ստեղծագործական միտքը ինչպէ՞ս  ձեւաւորուած է, ի՞նչ զարգացման փուլերէ անցած է, ի՞նչ լսած է եւ ի՞նչ լսել կու տայ մեզի: Այս հարցումներուն պատասխանը գտնելու համար հարկաւոր է լսել անոր ստեղծագործութիւնները` այն օրերու  երաժշտական իր լեզուամտածողութեան զուգահեռ, եւ կ’ունենանք յստակ պատկերացում, թէ ստեղծագործական ինչպիսի՞ փորձառութիւններու եւ փորձութիւններու մէջէն անցած է ան:

Իրականացնել համերգային ծրագիր մը, կողք կողքի ներկայացնելով իր ժամանակի երգահաններու` Տեպիւսէի եւ Ռաւելի նման հսկաներու յօրինումները, իրազեկ կ’ըլլանք, որ ան կրցած է քայլ պահել իր օրերու ստեղծագործական մտքի հետ, զոր յայտնաբերած էր Եւրոպայի տարածքին:

Ատիկա իրաւունք կու տայ մեզի եզրակացնելու, որ ան հայ երաժշտութեան վերակենդանացնող շարժիչ ուժը ըլլալով հանդերձ, կրցած է իւրացնել նաեւ այդ օրերու ստեղծագործական մտածելակերպի ոգին:

Ցաւօք, ան առիթ չունեցաւ ընդլայնելու իր ստեղծագործական գրադարանն ու իր երաժշտական մտահորիզոնը, բաւարարուեցաւ երգային արուեստի տպաւորիչ ժառանգութեամբ  եւ դաշնամուրային սահմանափակ երգացանկով:

Մի՛շտ  պահանջը զգացած ենք ունկնդրելու իր գործերը աւելի լայն եւ համապարփակ երաժշտական ձեւաւորումներով: Եթէ Կոմիտաս ունենար բաւարար ժամանակ ու հնարաւորութիւն, անպայման աւելի բազմաժանր գործիքաւորումներով ստեղծագործութիւններ կ’աւանդէր մեզի:

Յաճախ ներկայ կ’ըլլանք  համերգային ծրագիրներու, որոնց ընթացքին  Կոմիտասը կը հնչէ նոր գործիքաւորումներով, որոնք սակայն մեզ կը շարունակեն յուզել եւ մնալ կապուած` իր ներազդեցիկ երաժշտութեան: Այս մտորումներէն մեկնելով` ես կ’ուզէի մէկ համերգային ծրագիրի մէջ ներկայացնել Կոմիտասի եւ ֆրանսացի իր ժամանակակից երգահաններու ստեղծագործական կապը եւ զգալ 20-րդ դարու նոր երաժշտական մտքի զարգացման ու ներշնչուածութեան յատկանիշները:

Այո՛, Կոմիտասը մեծ հեաքրքրութեամբ եւ լայնամտօրէն մօտեցած էր այս երեւոյթին եւ հպարտութեամբ կարող ենք ըմբոշխնել Ռաւել, Տեպիւսէ եւ Կոմիտաս` կողք կողքի եւ միաժամանակ: Տեպիւսէ եւ Ռաւել:

Առաւե՛լ, կ՛իրագործենք  նոյնանման գործիքաւորում ու կը զզանք Կոմիտասի եւ ֆրանսացի այդ հրաշալի երաժիշտներուն միջեւ նոյնացուած ընդհանուր գիծը, զոր կ՛ընձեռէ մեզի կոմիտասեան արուեստի գնահատման եւրոպական արժեչափը:

Անշո՛ւշտ, պէտք է նշել, որ Փարիզը այն վայրերէն մեկն էր, ուր Կոմիտաս կը զգար եւրոպական երաժշտութեան ֆրանսական մօտեցումը, եւ բնաւ պատահական չէ, որ իր ստեղծագործութիւններուն վրայ ձգած է ներշնչման յստակ հետքեր:

Փարիզի մէջ, գալիք  28 սեպտեմբերի համերգին ընթացքին պիտի ունկնդրենք նոր գործիքաւորուած կոմիտասեան եւ ֆրանսական յօրինումներ:

Շատ յուզական եւ միաժամանակ յատկանշական ձեռնարկ մը ըլլալու տուեալները ունի այս նախաձեռնութիւնը: Նախ` անոր համար, որ առաջին անգամն է, որ նմանօրինակ համերգային ծրագիր մը պիտի իրագործուի նոյնինքն «Լոյսի Քաղաք»-ին մէջ, եւ ապա երկրորդը` Կոմիտաս արդարօրէն իր պատուանդանը կը գտնէ իր ժամանակի ֆրանսացի մեծագոյն երգահաններու` Ռաւելի եւ Տեպիւսէի շարքին:

                                                                                              ՊԵՏՐՈՍ ՇՈՒԺՈՒՆԵԱՆ


Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Լիզպոն` Հաւատքի Գերագոյն Դրսեւորում

$
0
0

Լիզպոնի ողջակէզներուն ինքնազոհաբերումի օրինակը ոչ միայն հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն նկատմամբ միջազգային անտարբերութեան եւ պատմական ճշմարտութիւնները գլխիվայր շրջող թրքական ապատեղեկատուութեան ուղղուած հարուած մըն էր, այլեւ հայութեան յղուած պատգամ մը` անոր պայքարի ոգին ամրապնդելու, սեփական ուժերուն նկատմամբ հաւատքը վերականգնելու համար:

Հաւատքի վերականգնում…

Հաւատք` մեր ժողովուրդի զանազան կարելիութիւնները ճիշդ պահուն, ճիշդ ձեւով օգտագործելու:

Հաւատք` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտման ճամբան քար առ քար կառուցելու:

Հաւատք` մեր իմացական կարողութեան եւ բազուկի ուժին վստահելու:

Հաւատք` մեր ժողովուրդի յեղափոխական ոգին արթուն պահելու:

Հաւատք` մշտապէս նորոգուելու եւ ժամանակին յարիր զէնքը հնարելու:

Լիզպոնի հինգ հերոսներուն հաւատքը այնքան մեծ էր, այնքան կայուն ու անպիղծ, որ մղեց զիրենք պայքարի իրենց ձեւն ու միջոցը ընտրելու, իրենց գարուն կեանքին իսկ գնով:

Անոնց օրինակը եթէ սահմռկեցուցիչ էր օտարին համար, հպարտութիւն կ՛առթէր հայուն: Հպարտութիւն` ոչ թէ քաջագործութեան մը նեղ սահմանին մէջ դիտելու Լիզպոնի հինգին սխրանքը, այլեւ` ապառաժներ ցնցող անոնց հաւատքին ուժը զգալու, անով գօտեպնդուելու, մեր հաւաքական կեանքի վերազարթնումին ի նպաստ հաւատքի այդ ուժէն գէթ քանի մը կաթիլ սրսկելու մեր միջավայրին մէջ  ու Լիզպոնի պատգամը ըմբռնելու:

Տակաւին` թերահաւատներուն պայքարելու ուժ ներշնչելու, օտարամոլներուն նայուածքը դէպի հայկականութիւն յարելու, հայ քաղաքական միտքը արթուն պահելու, որպէսզի իւրաքանչիւրը իր ժամանակին, իր միջոցներով լծուի պայքարի` փոքր քայլերն իսկ արժեւորելով:

Լիզպոնի հինգ ողջակէզները` Արան, Վաչէն, Սիմոնը, Սեդրակը եւ Սագոն իրենց կեանքին լոյսը տուին կոյրերուն, Հայկական հարցէն անտեղեակ հաւաքականութիւններուն, թուրք թէ օտար: Այդ տարիներուն սկսաւ աճելու կորսուած արդարութեան մը նկատմամբ հետաքրքրութիւնը` թրքական եւ եւրոպական միջավայրերու մէջ: Անոնց հայրենասիրութեան կրակով բոցավառեցան սիրտեր, բացուեցան պայքարի նոր ուղիներ:

Լիզպոնի դէպքէն տարիներ ետք, Հայաստանի անկախութիւնն ու Արցախի ազատագրումը վերջնականապէս ձերբազատեցին մեզ զոհի հոգեբանութենէն ու ստեղծագործ հայուն, ազատ հայուն սխրալի ուղին բացին:

Այդ ուղիին վրայ արձանագրուած յաղթանակներու հանրագումարը պիտի հանդիսանայ մեր խոնարհումը Լիզպոնի տղոց յիշատակին ընդառաջ, Արցախի նահատակներուն ընդառաջ:

Հաւատքով նետուած իւրաքանչիւր քայլն է, որ կը պտղաբերի, կ՛արդիւնաւորուի, իսկ անհաւատ գործը ժամանակաւոր խանդավառութեան մը պղպջակներուն նման` անհետք ու անպտուղ կը մնայ:

Լիզպոնի հինգ հերոսները գերագոյն անձնազոհութեան ուղին հաւատքով ընտրեցին` անմահանալով բոլոր ժամանակներու թերահաւատները զգաստութեան հրաւիրելու:

Յարգանքով ու հպարտութեամբ կ՛ոգեկոչենք անոնց յիշատակը:

Լիբանանեան Օրագրութիւն (2)

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Յաջորդ օրը` ուրբաթ, 14 յունիս 2019-ին, դարձեալ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը կը գտնուիմ, այս անգամ` որպէս հանդիսատես: Դոկտ. Վահէ Թաշճեանի «Օրագիր Եղեռնի ու պայքարի. Շողակաթի մահը Սալամիայի մէջ» գիրքին շնորհահանդէսն է: Կազմակերպողները` դարձեալ «Ազդակ-ն ու Համազգայինի «Գիր եւ գրականութիւն» մասնաճիւղը:

Ներկայ են բարձրաստիճան կղերականներ` յանձինս Շահան արք. Սարգիսեանի եւ Եփրեմ արք. Թապագեանի: Հատորը կը ներկայացնէ Հալէպէն այս առիթով հրաւիրուած Աւօ Գաթրճեանը: Սրտի խօսքեր` հեղինակին եւ Շահան արք. Սարգիսեանի կողմէ, որմէ ետք` գինեձօն եւ գիրքերու մակագրութիւն:

Այդ օր առիթը կ’ունենամ ծանօթանալու հեղինակին:

Հատորէն մակագրուած օրինակ մը կը սկսիմ թղթատել, երբ երիտասարդ մը կը մօտենայ յայտնելու, որ նախորդ գիշեր հատորէս օրինակ մը ապահոված էր, սակայն մակագրել ուզողներուն շարքը երկար ըլլալուն` ստիպուած եղած է մեկնիլ: Կը հարցնէ, թէ քանի մը վայրկեան կրնա՞մ սպասել, որպէսզի երթայ եւ ինքնաշարժէն բերէ գիրքը, որպէսզի մակագրեմ:

Կարճ ժամանակ ետք դարձեալ մօտս է, ձեռքին` հատորէս օրինակ մը:

– Անունս Սարօ Թոնթեան է:

Կանգ կ’առնեմ յուզուած: Դէմս կեցող երիտասարդը սիրելի դասընկերոջս` ողբացեալ Բենօ Թոնթեանին զաւակն է, որ այնքա՜ն կը յիշեցնէ իր հօր երիտասարդութիւնը, իսկ խօսած ժամանակ ձայնը յար ու նման` սիրելի Բենոյին բամբ ձայնին:

– Հեռաձայնով շատեր «խաբած եմ», կը կատակէ Սարօ:

Այն տպաւորութիւնը կ’ունենամ, որ աւելի քան կէս դար չհանդիպած դասընկերս է զրուցակիցս:

Անակնկալ,  յուզիչ, միեւնոյն ժամանակ` հաճելի հանդիպում:

* * *

17 յունիս 2019, իմ եւ ընտանիքիս համար` պատմական օր մը:

Կնոջս եւ տղուս հետ Անթիլիասի մայրավանքն ենք: Մեզ կը դիմաւորէ Եփրեմ արք. Թապագեանը եւ կ’առաջնորդէ վանքի թանգարանը:

Սրբազանը եղած է թանգարանի առաջին տնօրէնը եւ մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ այնպիսի արժէքաւոր սրբութիւններ, որոնցմէ գաղափար իսկ պիտի չունենայինք, եթէ մեզի հետ չըլլար եւ համապատասխան բացատրութիւններ չտար մեր շատ սիրելի սրբազանը:

Պատմական իւղանկարներ, Սիսի Մայր Աթոռէն հրաշքով փրկուած ջահեր եւ սրբութիւններ: Ձեռագիրներ, հոգեւոր զգեստներ, միւռոնի կաթսան, Բարձրբերդի Աւետարանը: Թագաւորական եւ կաթողիկոսական օծման Մայր Մաշտոց, Սիսի համայնապատկերը, նաեւ` արդի արուեստագէտներէն գեղանկարներ:

Թանգարանի մը այցելութիւնը ընդհանրապէս կ’աւարտի հիացմունքով: Այս մէկը տարբեր է նախապէս այցելած թանգարաններէս, ուր բազմաթիւ արուեստի գործեր սիրողական աչքով դիտած եմ, սքանչացած… անցած: Անկեղծօրէն խոստովանիմ, որ արուեստի` գեղանկարչութեան գիտութիւնս այնքան ալ մեծ չէ:

Արուեստի գործ մը դիտելով` ընդհանրապէս կը հիանամ, սակայն չեմ տպաւորուիր: Այդ օրուան տեսածներս լոկ արուեստի գործեր չեն, սրբութիւններ են, որոնք եկած են Սիսի Մայր Աթոռէն` ջահեր, սկիհներ, աւետարաններ, ձեռագիրներ, որոնք կարելի չէ բաղդատել մինչեւ իսկ միջազգային ճանաչում ունեցող արուեստի գործերուն հետ: Հիացմունքին զուգահեռ, յուզում կը պատճառէ, մինչեւ իսկ` պոռթկում, երբ Սիսի Մայր Աթոռը բռնագրաւուած կը մնայ, շատ հաւանաբար` կիսաւեր վիճակի մէջ, իսկ այդ սրբութիւնները հազարումէկ դժուարութիւններով, նաեւ հրաշքով հասած են Անթիլիասի մայրավանք ու ապահով տեղադրուած` հիանալի թանգարանի մը մէջ:

Տպաւորուած` դուրս կու գանք թանգարանէն: Կաթողիկոսարանի մայր դրան մուտքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին ինքնաշարժը մեզ կը սպասէ: Սրբազան հայրը եւ մեզ կը հասցնէ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի վեհարանը, ուր մեզ սիրալիր կ’ընդունի Արամ Ա. կաթողիկոսը: Նախապէս ժամադրուած ենք վեհափառին հետ` խորին շնորհակալութիւն յայտնելու վերջերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ լոյս ընծայուած «Ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ» գիրքիս հրատարակութեան համար: Եփրեմ արք. Թապագեանին շնորհիւ է, որ կարելի եղած է իրականացնել այս պատմական հանդիպումը:

Մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ տեւած մտերիմ հանդիպումի ընթացքին կ’արծարծենք հայ մշակոյթը, հայ երաժշտութիւնն ու հայ թատրոնը յուզող հարցեր:

Նորին ս. օծութիւնը  միշտ զօրակցած է հայ մտաւորականներուն եւ արուեստագէտներուն: Վեհափառը հետաքրքրուած է Լոս Անճելըսի հայկական գաղութի արուեստագէտներով: Երաժշտական ասպարէզէս հեռացած եմ աւելի քան 25 երկար տարիներէ ի վեր, փոխարէնը, որպէս սիրողական գրող, իմ համեստ մասնակցութիւնս կը բերեմ հայ գիրի ու գրականութեան եւ այնքա՜ն զգացուած եմ, որ կ’արժանանամ վեհափառ հօր գնահատանքին:

Արեւշատութեան մաղթանքներով հրաժեշտ կ’առնենք կաթողիկոսէն:

Կը վերադառնանք Անթիլիասի մայրավանք, ուրկէ դարձեալ, սրբազան հօր նախաձեռնութեամբ, կ’ուղղուինք գրագիտուհի Շահանդուխտին բնակարանը:

Պատանեկութեանս տարիներէն սկսեալ մեծ հաճոյքով կարդացած եմ իր գործերը: Քանի մը անգամ հեռաւոր Ամերիկայէն հեռաձայնային զրոյց ունեցած ենք, սակայն առաջին անգամն է, որ իրարու կը հանդիպինք:

Շահանդուխտ  հրատարակած է աւելի քան երկու տասնեակ արձակ եւ բանաստեղծական հատորներ, որոնք բոլորը, անխտիր, լայն ընդունելութեան արժանացած եւ գնահատուած են գրասէր հայերու կողմէ, իսկ ներկայիս դադրեցուցած է իր գրական աշխատանքները եւ հարազատ քրոջ մը նման կը քաջալերէ, որ շարունակեմ գրել:

Սրտագին ողջագուրուելէ ետք, արեւշատութեան մաղթանքներով կը բաժնուիմ մեծ գրագիտուհիէն` ես ինծի հարց տալով. «Արդեօք անգամ մըն ալ իրարու հանդիպելու առիթը պիտի ունենա՞նք: Ովկիանոսներ կան մեր միջեւ…»:

* * *

Չորեքշաբթի, 19 յունիս 2019-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին առիթով, ապագայ լրագրող Քրիստ Իսկենտերեանի նկարչական առաջին անհատական ցուցահանդէսն է:

«Ազդակ-ի երիտասարդ աշխատակիցներէն է, եւ կ’արժէ գնահատել», կը յուշէ Շահան Գանտահարեան:

Պատրաստուած ենք ճամբայ ելլելու դէպի «Շաղզոյեան» կեդրոն, երբ անակնկալօրէն կը ժամանեն քանի մը ծանօթներ: Ըստ երեւոյթին, մեր օրերու առանց ժամադրութեան այցելելու սովորութիւնը բոլորովին չէ անհետացած: Այս պարագային հասկնալի է: Պէյրութ մեր կեցութեան ժամանակը կարճ է, իսկ ես բազմազբաղ եմ: Գեղարուեստական ձեռնարկներ, տեսակցութիւններ, հարցազրոյցներ` «Վանայ ձայն»-ի, Վարուժ Թէմպէլեանի եւ Հայկազեան համալսարանի հայկական բաժնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի հետ: Մէկ խօսքով, ժամանակին դէմ պատերազմ յայտարարած եմ, եւ այս պարագային, յաճախ ճակատամարտը կորսնցնողը ընդհանրապէս ես եղած եմ:

Բարեբախտաբար յաջորդ օրը «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ կը հանդիպիմ երիտասարդ գեղանկարիչին, որմէ ակամայ բացակայելուս ներողամտութիւն կը խնդրեմ:

«Գործերս տակաւին սրահէն չեն վերցուած, եւ եթէ ժամանակդ կը ներէ, կարելի է այցելել», կ’ըլլայ անոր պատասխանը, եւ միասնաբար կ’ուղղուինք դէպի «Փիւնիկ» սրահ:

Առաջին ցուցահանդէսն է, որուն միակ հանդիսատեսն եմ, ուստի կ’արժանանամ արուեստագէտին լայն բացատրականներուն:

Արուեստի գործերէն քանի մը հատը Փոլ Կիրակոսեանի ոճը կը յիշեցնէ, սակայն կը տատամսիմ կարծիք յայտնելէ:

Անկեղծութիւնը նշանաբաններէս մին է եւ յանդգնութիւնը կ’ունենամ յայտնելու կարծիքս:

Կը ժպտի: Նախորդ օր  ցուցահանդէսին ներկայ գտնուող արուեստի արհեստավարժ քննադատներ եւս արտայայտուած են այդ մասին, սակայն Քրիստ Իսկենտերեանը Փոլ Կիրակոսեանին գործերը չէ ճանչցած: Երբե՛ք չէ ներշնչուած անոնցմէ, քանի չէ տեսած անոր գործերը: Ինծի նման` շատեր նկատած են այդ ոճի նմանութիւնը:

Շատերէ լսելէ ետք իր եւ Փոլ Կիրակոսեանի գործերուն որոշ նմանութեան մասին, ուսումնասիրած է վերջինին գործերը եւ` նկատած, որ Փոլ Կիրակոսեան նկարագրած է իր ծննդավայրի` Պաղեստինի կիները, որոնք թրքական լաչակ կը կրեն, մինչ Քրիստ Իսկենտերեանի երեւակայած կիները` հայկական շղարշ:

Իր գործերուն թեման եղած է անապատի մէջ հայոց տարագրութիւնը: Հարիւրաւոր տարագիրներու շարքը, մէկ առ մէկ դէմքեր գծելը անկարելի է: Անոնք «անդէմ» են, ուր երեւակայութեամբ կարելի է տեսնել անոնց չարչարանքը:

Քրիստ Իսկենտերեանը, ճարտարապետութեան ուսանող է: Գեղանկարիչ եւ «Ազդակ»-ի ապագայ լրագրող: Բազմատաղանդ երիտասարդ մը, որ միաժամանակ ներդրում կ’ունենայ գեղարուեստին, հայ մամուլին եւ, ո՞վ գիտէ, շատ հաւանաբար օր մը, ճարտարապետութեան խողովակով, նաեւ` հայ ճարտարապետութեան:

Լոս Անճելըս, 2019
(Շար. 2)

Մի Լուսանկարի Հետքերով

$
0
0

ՎԼԱԴԻՄԻՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Արցախի Հանրապետութեան                                                                                      
վաստակաւոր իրաւաբան

Ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնն աւելի քան հարիւրամեայ պատմութիւն ունի`  իր ակունքներով հասնելով մինչեւ 20-րդ դարասկիզբ, երբ 1905-06թթ. Գանձակի եւ Պաքուի նահանգներում բռնկուած հայ-թաթարական (մինչեւ 1936թ. ազրպէյճանցիներին անուանում էին «կովկասեան թաթարներ» կամ «կովկասեան թուրքեր») բախումները հազարաւոր մարդկանց կեանք են խլել: Սխալ կը լինէր այդ բախումներին կրօնական բնոյթ հաղորդելը. դրանք աւելի շուտ ցարական Ռուսաստանի` «Բաժանիր, որ տիրես» հին հռոմէական փորձուած մեթոտի իրագործումն էր ինքնակալութեան հպատակ ժողովուրդների նկատմամբ: Բացի այդ, ցարական իշխանութիւնները հայերին միշտ էլ դիտել են որպէս ազատական-յեղափոխական հակումներ ունեցող վտանգաւոր տարր: Այդ ողբերգական ընդհարումների ժամանակ հայերն անհամեմատ անպաշտպան էին, քանզի միւս կողմում` Կովկասի ամբողջ մահմետականութիւնն էր` զինուած եւ քաջալերուած ցարական իշխանութիւնների, ապա եւ օսմանեան Թուրքիայի  կողմից: Բնական է, որ ահաւոր վտանգին դիմագրաւելու միակ միջոցն ինքնապաշտպանութիւնն էր, բայց դրա համար անհրաժեշտ էին կազմակերպող ուժ, դրամական միջոցներ, զէնք, զինամթերք, յանդուգն մարտական խմբեր: Եւ ինչպէս ցոյց են տուել դէպքերը, ընդհարումները ժամանակ առ ժամանակ շարունակուել են ընդհուպ մինչեւ Ազրպէյճանում եւ Հայաստանում խորհրդային իշխանութեան հաստատումը:

Պատմութիւնը, ինչպէս ընդունուած է ասել, պէտք չէ ընկալուի նեղ իմաստով: Դա աւելին է, քան` անցեալ գրականութիւնը, աւելին, քան` անցեալ տնտեսութիւնը: Դա մարդկային ինքնագիտակցութիւնն է, մարդկային ճիգը` հասկանալու համար ինքն իրեն` իր անցեալն ուսումնասիրելու միջոցով: Այդ շրջածիրում կը փորձեմ մտորումներս կիսել ընթերցողի հետ աւելի քան հարիւրամեայ պատմութիւն ունեցող մի լուսանկարի կապակցութեամբ, որում պատկերուած ձախակողմեան անձնաւորութիւնը մօրական պապս է: Քաջ իմանալով, որ մերձաւոր հարազատի մասին որեւէ բան գրելը գրեթէ հաւասարազօր է հեքիաթի կամ գովաբանութեան եւ վտանգաւոր երեւոյթ` պատմութեան համար, ուստի կ՛աշխատեմ հեռու մնալ գունագեղ խօսքերից` դէպքերն ու դէմքերը ներկայացնելով ինչպէս որ կան:

Ձախից` աջ. Բալասան Յովսէփեանը, Գրիգոր Շահնազարեանը, Թալիշ Բալասանեանը եւ Շամիր Գդլեանը:

Լուսանկարի բնագրի ետնամասում զովազդային բնոյթի գրառումից նկատելի է, որ այն արուել է 1905թ., Պաքու քաղաքում, Տորգովայա (Առեւտրային, խմբ.) փողոցի (ներկայումս` Նիզամի փողոց) վրայ գտնուող լուսանկարչական արուեստանոցում, որը պատկանել է Վասիլ Բաբայեանին: Լուսանկարում պատկերուած է չորս տղամարդ` բոլորն էլ Շուշիի գաւառի Վարանդա գաւառակի Թաղավարդ գիւղի բնակիչներ: Նրանց հագուկապը, կեցուածքը, կրակոտ աչքերն ու հայեացքը եւ զինուածութիւնը վկայում են, որ հասարակ գիւղացիներ չեն, այլ ինչ-որ կարեւոր յանձնարարութիւն կատարողներ: Խօսքն այն մասին է, որ նրանք ՀՅԴ կուսակցութեան Շուշիի կառոյցի ցուցումով մեկնել էին Պաքու քաղաք` դրամական առումով ազգային տուրք պարտադրելու ծագումով ղարաբաղցի այն մեծահարուստ հայերին, որոնք անհիմն խուսափում էին այդ ազգանպաստ խնդրին իրենց մասնակցութիւնից: Անկասկած, խումբը` Բալասան Յովսէփեանի գլխաւորութեամբ, հասել էր իր նպատակին եւ, յաջողութեամբ խանդավառուած, յիշատակի համար լուսանկարուել: Պէտք է ենթադրել, որ հեռաւոր վայրից ուղարկուած խմբի` Պաքւում գործելու հանգամանքը` շրջապատի համար անճանաչելի լինելու եւ անվտանգութեան նկատառումներով, աւելի դիւրին է դարձրել առաջադրանքի կատարումը:

Ա. Աշխարհամարտի տարիներին Թուրքիան քաջալերել եւ զինել է իր հաւատակից եւ արիւնակից կովկասեան թաթարներին` քրիստոնեաների դէմ պատերազմ բորբոքելու եւ Պաքուի ու Գանձակի նահանգները փանթուրքիզմի կենտրոններ դարձնելու խնդրում, որտեղ հիմնական թիրախը հայ ժողովրդի արեւելեան հատուածն էր, որը հնարաւորինս միջոցներ է ձեռնարկել ինքնապաշտպանութեան դիմելու համար: Այդ գործում զէնքի եւ զինամթերքի ձեռքբերման աղբիւրներից մէկն էլ Կովկասում գտնուող ռուսական բանակն էր: Բալասան Յովսէփեանը, վաճառականի անուան ներքոյ, մի քանի անգամ եղել է ռուս-թուրքական ռազմաճակատում եւ զինուորականներից ձեռք բերած զէնքերը գնացքով` Կարս-Երեւան-Նախիջեւան-Եւլախ երկաթուղով, իսկ այնուհետեւ` ձիակառքով` Եւլախ-Շուշի խճուղով բարեյաջող տեղ հասցրել: Հերթական անգամ «բեռը» փոխադրելու ժամանակ (փետրուար 1918թ.), հասնելով Եւլախի երկաթուղային կայարան, նա նկատել է, որ ոստիկանութեան աշխատակիցները գնացքի վակոններից իջնող անձանց եւ նրանց բեռները մանրակրկիտ ստուգման են ենթարկում: Ի՞նչ անել, ինչպէ՞ս փրկել երկրամասի համար այնքան պահանջուած «բեռը»: Բալասանը դիմել է ռիսքի: Նա հագի շորերը փոխարինել է բեռնակրի արտահագուստով եւ փաթեթաւորուած փայտեայ արկղները ցած իջեցրել կառամատոյց: Երբ ոստիկանութեան աշխատակիցներն անմիջապէս մօտեցել  եւ հարցրել են արկղների պարունակութեան մասին, նա սառնասրտօրէն պատասխանել է, որ ինքն ընդամէնը մի բեռնակիր է եւ մի պարոնի խնդրանքով Երեւան քաղաքի երկաթուղային կայարանում բեռը դրել է վակոնի մէջ, որն էլ խնդրել է, որ բեռը Եւլախի երկաթուղային կայարանի կառամատոյց իջեցնելու դէպքում` մէկ այլ պարոն կը մօտենայ եւ կը վերցնի այն: Հիմա ինքը սպասում է այդ պարոնին, եւ եթէ չյայտնուի, ապա բեռն ի պահ կը յանձնի կայարանի պահեստասենեակում: Ոստիկանութեան աշխատակիցները հաւատացել են նրան ու հեռացել:

Հայ ժողովրդի նկատմամբ իրագործած Ցեղասպանութեան պատճառով Հայկական Բարձրաւանդակի հիմնական մասը` Արեւմտեան Հայաստանը զրկուեց իր բնիկ տէրերից, արեւմտահայութեան ողջ մնացած բեկորներն աշխարհով մէկ ցիրուցան եղան: Սակայն թուրքերը դրանով չբաւարարուեցին` ձեռնամուխ լինելով «Մեծն Թուրան» ծրագիրը գործնական կեանքի կոչելուն, որին հասնելու համար պահը համարել են յարմար, քանզի պոլշեւիկեան Ռուսաստանը դուրս էր եկել պատերազմից`  ցարական բանակը յետ կանչելով Արեւմտեան Հայաստանի գրաւած վայրերից: Նման պայմաններում թուրքերը ծրագրել էին  հաշուեյարդար տեսնել Պաքուի, Գանձակի, Ղարաբաղի, Զանգեզուրի եւ Արարատեան դաշտի հայութեան հետ:  Այդ հրէշաւոր ծրագրի իրագործումը թուրքերը սկսեցին արեւելքից, երբ  կովկասեան իսլամական բանակի հրամանատար Նուրի փաշան, շրջանցելով Արարատեան դաշտը, դուրս եկաւ Հայոց Արեւելից կողմանքի հարթավայրային գօտին, որտեղ գլխովին ոչնչացրեց Նուխու եւ Արէշի գաւառների 36 գիւղերի մօտ 49 հազար հայ բնակիչների:

Միջազգային խառնաշփոթ իրավիճակում Պաքուի Կոմունայի անկումը` Ստեփան Շահումեանի գլխաւորութեամբ, դիւրացրել էր իսլամական բանակի եւ մուսաւաթականների մուտքը Պաքու (15.09.1918թ.), որտեղ էլ նրանք գազազած թաթար ամբոխի հետ 30 հազար հայերի կեանք խլեցին, որից յետոյ ուղղութիւն վերցրին դէպի հայաշատ Գանձակ եւ Ղարաբաղ: Անտարակոյս, թշնամու դէմն առնելու համար ուժերն անհաւասար էին, եւ արդէն 1918թ. սեպտեմբերի 26-ին տաճկական զօրքը մտաւ Ղարաբաղի սիրտը` Շուշի քաղաքը, որին առաջնորդում էր Ճաւիտ պէյը: Վերջինս ցրեց երկրամասի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմինը` Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդը եւ ձերբակալեց նրա բոլոր անդամներին ու քաղաքի առաջաւոր մտաւորականներին: Չնայած Շուշին ժամանակաւորապէս ենթարկուել է օտարին, բայց գաւառակների  հայ բնակչութիւնն անկոտրում էր եւ պատրաստ` թշնամուն արժանի հակահարուած տալու:

Թաղավարդի Սուրբ Մեսրովբեան երկդասեայ երկսեռ դպրոցի շէնքը, որտեղ կազմաւորուել է զօրավար Դրոյի կողմից նշանակուած Ղարաբաղի ժամանակաւոր կառավարութիւնը եւ որտեղ հրաւիրուել են Ղարաբաղի հայութեան 9-րդ եւ 10-րդ համագումարները (շէնքը ներկայումս գիւղական ակումբ է)

Ճաւիտ պէյին ցուցում էր տրուած` հնազանդեցնել Ղարաբաղի հայութեանը եւ գաւառը փաստացիօրէն ու իրաւաբանօրէն կցել մուսաւաթական Ազրպէյճանին: Այդ նպատակով,  1918թ. հոկտեմբերի 17-ին, Շուշիից մի տաճկական զօրամաս է դուրս եկել` Վարանդա եւ Դիզակ գաւառակների հայութեանը ծնկի բերելու համար: Այնուհետեւ յաղթական զօրքը պէտք էր գրաւէր Հատրութ գիւղում տեղակայուած նախկին ցարական զօրանոցները եւ արշաւն աւարտէր Զանգեզուրի գրաւմամբ, դրանով իսկ վերացնելով թուրք եւ կովկասեան թաթար ժողովուրդների միջեւ խրուած հայկական սեպը:

Բայց նրանք մոռացել էին, որ ղարաբաղցին թուրքի առաջ երբեք չի փախչել եւ երբեւէ չի էլ փախչի: Մինչ օրս շարունակուող արցախեան գոյամարտը հէնց դա է ապացուցում, ինչը, անկասկած, իր յաղթական աւարտը կ՛ունենայ:

Վարանդայի եւ Դիզակի ինքնապաշտպանական ջոկատները, ժամանակին տեղեկացուած լինելով թուրքական զօրամասի շարժի եւ նպատակների մասին,  կայացրին խիզախ որոշում` գլխովին ջախջախել թշնամու զօրամասը: Վերջինս հոկտեմբերի 17-ի գիշերը կանգ էր առել  Վարանդայի Մսմնա գիւղում` յաջորդ օրն  արշաւը շարունակելու համար: Վաղ առաւօտեան թշնամու զօրքը մտել է գիւղի մերձակայ ձորը` դոյզն իսկ չկասկածելով, որ ձորի մուտքն ու ելքը վերահսկւում են հայկական զինեալ ջոկատների կողմից, որոնց հետ  էր նաեւ Բալասան Յովսէփեանը: Օրը մառախլապատ էր, եւ թեթեւ  անձրեւ էր տեղում: Ազդարարուած հրացանազարկի պայմանական նշանից յետոյ ասպարէզը մնաց քաջերին: Թշնամին յանկարծակի եկաւ ու թէեւ կատաղի դիմադրութիւն էր ցոյց տալիս, բայց ի զօրու չէր կողմնորոշուել, թէ գնդակների տարափը որտեղից է գալիս: Սակայն տեղի տուեց` զգալով, որ յաղթանակը հայերի կողմն է: Կէսօրին թշնամին գլխովին ջախջախուել էր` ձորում ու  նրա մերձակայքում թողնելով հարիւրաւոր դիակներ, վիրաւորներ, զէնք եւ զինամթերք ու ամբողջ գումակը: Այդ ճակատամարտում իրենց արժանի աւանդն են ունեցել Վարանդայի եւ Դիզակի գիւղական ջոկատների հրամանատարներ Արտեմ Պետրոսեանը, Ասլանիկ Մուրադեանը (1988թ. արցախեան շարժման առաջնորդ Իգոր Մուրատեանի պապը) եւ Դիզակի հեծեալ խմբի հրամանատար Թեւան Ստեփանեանը:

Սակայն պայքարը դրանով չաւարտուեց, քանզի Անգլիայի եւ Թուրքիայի ցնկնած մուսաւաթական Ազրպէյճանը չէր ուզում լսել անգամ, որ հայ ժողովրդի ղարաբաղեան հատուածի վերջնական նպատակը մայր հայրենիքի` Հայաստանի հետ միաւորուելն է:

Թաղավարդի այն տունը, որտեղ հանգրուանել է զօրավար Դրոն (տանը ներկայումս` բնակւում է Բալասան Յովսէփեանի թոռնուհին` Լարիսա Յովսէփեանը)

Բալասան Յովսէփեանը քաջածանօթ էր հռչակաւոր զօրավար Դրաստամատ Կանայեանին (Դրօ): Դա տեղի է ունեցել հետեւեալ պայմաններում. Շուշիի հայկական թաղամասերը, ինչպէս գիտենք, կովկասեան թաթարների  ու քրտերի միացեալ ուժերը 1920թ. մարտի 23-ին հրոյ ճարակ էին դարձրել: Հանդուրժելը հաւասարազօր էր Ղարաբաղի կործանմանը, ուստի Հայաստանի Հանրապետութիւնը քայլեր էր ձեռնարկում` երկրամասին գործնական  օգնութիւն ցոյց տալու համար: Այդ նպատակով զօրավար Դրոյի զօրաջոկատն ապրիլի կէսերին մտել է Վարանդայի գաւառակ, իսկ մի քանի օրից յետոյ Նժդեհը` Դիզակի գաւառակ: Ապրիլի 17-ին Դրոն ժամանել է Վարանդայի Թաղավարդ գիւղ, որի մատոյցներում նրան դիմաւորողներից մէկն էլ Բալասան Յովսէփեանն էր: Զօրավարը մի քանի օր հանգրուանել է Բալասան Յովսէփեանի տանը: Ըստ Բ. Յովսէփեանի` հարազատներին պատմած զրոյցների, Դրոն միջահասակ, պեխ ու մօրուսով, գեղեցիկ եւ ամուր կազմուածքով մի տղամարդ էր եւ բոլորին յորդորում էր, որ  թշնամուն յաղթելու միակ միջոցը` միակամութիւնն ու համերաշխութիւնը պէտք է լինի: Ակամայից յիշում ես Դրոյի` 26.04.1920թ. Ղարաբաղի հայ ազգաբնակչութեանն ուղղուած կոչի հետեւեալ խօսքերը. «Ես եկել եմ այն համոզումով եւ հաստատ որոշումով, որ յենուած ձեր վճռակամութեան վրայ եւ միացած ձեր քաջարի զինուորներին` պէտք է յաղթենք թշնամուն: Ես վճռել եմ մնալ ձեր մէջ, կռուել ձեզ հետ եւ ազատութիւնն ու յաղթանակը տօնել այստեղ»: Դրոյի` Թաղավարդում գտնուելու բախտորոշ օրերին դէպքերը յաջորդել են մէկը միւսին: Գիւղում ապրիլի 18-ին տեղի է ունեցել հաւաք, որն էլ հաստատել է Դրոյի կողմից նշանակուած Ղարաբաղի կառավարութեան անդամների կազմը: Կառավարութեան որոշմամբ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքները եւ յանձնարարականները գործողութեան մէջ դրուեցին Ղարաբաղում, շրջանառութեան մէջ առնուեց ՀՀ դրամը, ընդունուեց ՀՀ զինանշանը: Կառավարութիւնը, որը որպէս ժամանակաւոր նստավայր ընտրել էր Թաղավարդ գիւղը, ապրիլի 23-ին հրաւիրեց Ղարաբաղի հայութեան 9-րդ համագումարը, որտեղ հռչակուեց «Լեռնային Ղարաբաղի միացումը Հայաստանի Հանրապետութեանը` որպէս նրա անբաժան մաս»: Դրոյի` «Ով տիրում է Շուշիին` նա էլ տիրում է Ղարաբաղին» իմաստուն խօսքերը կեանքի կոչելու համար նրա ղեկավարած զինուած ջոկատներն արդէն հասել էին Շուշիի մատոյցները, սակայն քաղաքի ազատագրումը յետաձգուեց աւելի քան 70 տարով, որովհետեւ քաղաքական իրավիճակի կտրուկ փոփոխութեան պատ ճառով, այդ օրերին ռուսական պոլշեւիկեան 11-րդ Կարմիր բանակը մտել էր Ազրպէյճան, իսկ մայիսի կէսերին` Ղարաբաղ: Դրուած էր Ղարաբաղի խորհրդայնացման հարցը, որի կապակցութեամբ ռուսական բանակի հրամանատարութիւնը վերջնագիր  ներկայացրեց Դրոյին: Վերջինս, մտածելով, որ ռուսական բանակի հետ կռուելն անիմաստ է, եւ որ մայիսի 26-ին Թաղավարդ գիւղում հրաւիրուած Ղարաբաղի հայութեան 10-րդ համագումարը երկրամասը յայտարարել է խորհրդային, ուստի իշխանութիւնը յանձնեց Ղարաբաղի հայ պոլշեւիկներին, ինչպէս նաեւ բաւարար քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք` ղարաբաղցիներին եւ իր զօրամասով տեղափոխուեց Զանգեզուր:

Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդայնացման հէնց առաջին օրերին պոլշեւիկները քաղաքական հետապնդումներ եւ ձերբակալութիւններ սկսեցին ազատութեան համար պայքարի ելած հայ ազատամարտիկների եւ մտաւորականների նկատմամբ: Բռնկուած հակապոլշեւիկեան ապստամբութիւնը ղեկավարել է Մսմնայի ճակատամարտի հերոսներից մէկը` Թեւան Ստեփանեանը, որին Դրոն Դիզակ գաւառակի հրամանատար էր կարգել: Նրան յաջողուեց երկրամասի հիմնական մասում վերացնել խորհրդային իշխանութիւնը, վերականգնել հին կարգերը եւ վերստին Արցախը համարել որպէս ՀՀ անբաժան մաս:

Թեւան Ստեփանեանի արծուաբոյնը` Դիզակ գաւառակի նրա հայրենի Տումի գիւղի թիկունքում վեր խոյացած Դիզափայտ լեռն էր: Ռուսական զօրքերին հրամայուած էր գրաւել Թեւան Ստեփանեանի անառիկ ամրոցը: Վարանդա գաւառակի Սարգսաշէն, Զարդանաշէն եւ Թաղավարդ գիւղերի միջեւ «Գեոկու» անունով մի բարձր սարահարթ կայ, որի վրայ մինչեւ այսօր էլ նշմարելի են մի հին գիւղատեղի աւերակները: Հէնց այդ վայրում, 1921թ. ապրիլի կէսերին, Թեւան Ստեփանեանի գլխաւորած ջոկատները, որոնց հետ  էին նաեւ լուսանկարում պատկերուած չորս անձինք, ընդհարուեցին ռուսական զօրքերի հետ: Ռուսները կոտրեցին հայերի դիմադրութիւնը: Կռւում Բալասան Յովսէփեանը ծանր վիրաւորուեց` զէնքերը յանձնելով իր զինակից եւ արիւնակից Արսէն Յովսէփեանին (վերջինս «դաշնակ» պիտակի տակ, իր  բազմանդամ ընտանիքով, 1949թ. աքսորուել է Սիպիր` Ալթայի երկրամաս): Գնդակն էականօրէն վնասել էր նրա մարսողական համակարգը, եւ պոլշեւիկների կողմից  բռնուելու վախից ծպտեալ վիճակում գտնուող վիրաւորին ցոյց տրուած հեքիմական բուժումները բաւարար արդիւնքներ չտուեցին եւ 1925թ. կնքեց իր մահկանացուն: Ցաւօք, լուսանկարում պատկերուած միւս երեք անձանց հետագայ ճակատագրի վերաբերեալ աւելին ասել չենք կարող` նրանց հարազատներից եւ ազգականներից կենդանի չլինելու կամ հեռաւոր այլ վայրերում բնակուելու պատճառով:

Թաղավարդի գերեզմանոցում ամփոփուած Բալասան Յովսէփեանի շիրմաքարը

ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ Բալասան Յովսէփեանը 1904թ. ամուսնացել է Սոֆիա Մելիք-Շահնազարեանի (Շահնազարեան մելիքական յայտնի տոհմից) հետ: Կողակցի հետ յուղարկաւորուած է Թաղավարդ գիւղի գերեզմանատանը: Համատեղ կեանքում ունեցել են երեք զաւակ` Վարդիկը, Շուշիկը (տողերիս հեղինակի մայրը) եւ Բագրատը: Դուստրերի զաւակներից երեքը դեռ կենդանի են: Նոյն տեղում են ամփոփուած նաեւ դուստրերի աճիւնները: Հանգստութիւն` բոլորի ոսկորներին, խունկ ու մոմ` շիրիմներին:

Դառը ճշմարտութիւն է` խորհրդային իշխանութիւնները ոչ միայն հալածանքի են ենթարկել  երկրամասի ազատութեան համար մարտնչած անձանց, այլեւ` խէթ աչքով նայել նրանց զաւակներին ու միւս հարազատներին: Այդ է վկայում, որ երբ Բ. Յովսէփեանի աւագ դստերը`  Վարդիկին, որպէս առաջաւոր աշխատաւորուհու, պէտք էր ներկայացնէին պետական պարգեւի` չարակամ մարդիկ դէմ դուրս եկան` պատճառաբանելով նրա հօր դաշնակցական լինելու հանգամանքը:

Մեր նախնիները մեզ աւանդել են` հող հայրենին երբեք չյանձնել օտարին եւ չթողնել նրա ձեռքում. հայրենիքի զոհասեղանին կեանքը դնելուց եւ լաւ անուն վաստակելուց զատ` չկայ աւելի վեհ գործ, դաւաճանութիւն է հայրենիքը թշնամուն յանձնելը եւ, պանդխտութեան ցուպը վերցնելով, այլ երկրներում լաւագոյն կեանքի որոնումներով ապաստան փնտռելը: Արցախեան գոյամարտում ներկայ սերունդն ապացուցել է (եւ ապացուցում է) իր հաւատարմութիւնը նախնեաց պատգամներին: Առաջին կարեւոր քայլը կատարուած է: Համայն հայութեան ջանքերով ազատագրուած Արցախը այսուհետեւ պատկանում է  հայ ժողովրդին` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք: Իսկ որպէսզի հաստատուն  եւ մշտական տեղ ունենանք հայրենի արեւի ներքոյ, դեռ շատ շղթայուած Արցախներ պէտք է ազատագրենք եւ ազգովի տէր կանգնենք մեր պատմական եւ հոգեւոր հայրենիքին: Ի հարկէ, դա շատ դժուարին ու երկարատեւ, բայց եւ բնական ու  իրական գործընթաց է, որի համար  արժանաւոյնս պէտք է պայքարեն նոյնիսկ մի քանի սերունդներ: Այդ դէպքում, անկասկած, կ՛ունենանք մեր երազած Հայրենիքը:

Արցախ
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար

Կեդրոնականցին Եւ Լեզուի Խորհուրդին Երջանկացնող Ել-Նամակը

$
0
0

ՄԱԿԱՐ, Երեւան

– Մակա՛ր, հայկական մոլորակը սկսած է ճիշդ դառնալ,- այս ըսելով` մեր տան դուռը հրեց Արմենակ: Ան հայ կեանքի եւ մարդոց մասին նորութիւն միշտ ունի: Եթէ հայ թերթի մը մէջ գրէր իր sensationnel-ուշագրաւը, եթէ ոչ երիտասարդներու, գէթ ազգով եւ գիրով հետաքրքրուող թոշակառու ընթերցողները կ’աւելնային:

Անկիւն մը երկու աթոռ դրինք եւ սպասեցինք սուրճը: Արմենակ գրպանէն էջ մը թուղթ հանեց եւ, ըստ իր սովորութեան, բարձրաձայն կարդաց:

– Հայաստանի Լեզուի խորհուրդը ներկայացուց օտարաբանութիւններու եւ անոնց հայերէն համարժէքներու նոր ցանկ: Ոչ թէ նորաստեղծ բառեր կ’առաջարկէ, այլ կը յիշեցնէ եղած, երբեմն ալ հին, ոչ միշտ գործածուող հայերէն բառեր: Անոնք, անշուշտ, ոմանց ծանօթ են, ոմանց համար` անյայտ ու նոր:

Հատիկ հատիկ կարդաց քառասուն բառ. ալտերնատիւ (այլընտրանքային, այլընտրանք), անեսթեզիա (անզգայութիւն, անզգայացում), ասիստենտ (ընթերակայ, օգնական), ասոցիացիա (ընկերակցութիւն, ընկերութիւն, միութիւն), ասպեկտ (հայեցակէտ, տեսանկիւն, դիտանկիւն), բանդա (յանցախումբ, աւազակախումբ), բուտիկ (կրպակ), գարնիր (խաւարտ), գլադիոլուս (թրաշուշան), դեկլարացիա (յայտարարագիր, հռչակագիր, յայտարարութիւն), դեպորտացիա (արտաքսում, վտարում), դեսերտ (աղանդեր), դետալ (մանրակ, մաս, մանրամասնութիւն, մանրամաս), դիլեմա (երկընտրանք), իմպլեմենտացիա (կիրարկում), ինովացիա (նորարարութիւն, նորամուծութիւն), լանցետ (նշտար), կալայ (փողաշուշան), կատաստրոֆիկ (աղէտալի), կաֆել (հախճասալ, սալիկ), կուլմինացիա (բարձրակէտ, գագաթնակէտ), մանժետ (թեզանիք), մանիակ (մոլագար), մարիոնետ (խաղատիկնիկ, խամաճիկ), մեսիջ (հաղորդագրութիւն, ուղերձ), շտամպ (դրոշմ, դրոշմակնիք), պատենտ (արտօնագիր), պեդալ (ոտնակ), պոտենցիալ (ներուժ, կարողութիւն), պրեպարատ (պատրաստուկ), պրոդուկտ (արդիւնք, արտադրանք), պրոդուկտիւ (արդիւնաւէտ), ռադիկալ (արմատական), ռացիոնալ (բանական, տրամաբանական), ռուբին (սուտակ), վակցինայ (պատուաստանիւթ), տելեպատիա (հեռազգայութիւն, հեռազգացութիւն), տենդենց (միտում), տոտալ (ամբողջական, համապարփակ, համընդգրկուն), ֆենոմենալ (բացառիկ, արտասովոր, արտակարգ):

Աւարտեց: Հարցուցի. «Յետո՞յ»:

– Գիտեմ, Լեզուի խորհուրդը առանց զէնքի եւ զինուորի զօրավարի կը նմանի: Որոշեցի այս ցանկը յարգալիր նամակով մը մեր յեղափոխական վարչապետին ղրկել, որպէսզի բառերը գործածեն կառավարութեան ժողովին: Եթէ իրենք այդ չընեն, ոչինչ կը փոխուի: Կ’ըսեն, թէ ձուկը գլխէն կը հոտի: Ժողովներէն պէտք է հեռացնել ձուկի հոտած գլուխը: Այս ալ յեղափոխութիւն է, ինքնութեան եւ արժանապատուութեան:

– Արմենա՛կ, գիտես, հեռատեսիլը հանրակրթարան է: Հոն կչկչացողներու բերնէն եթէ չհեռացուին ոչ միայն այս քառասուն բառերը, այլ` բազմաթիւ անգամ քառասունները, վերը եւ վարը պիտի շարունակուի ազգի լեզուի կացնահարումը:

– Ճիշդ ես, Մակա՛ր: Այս մասին ալ պիտի գրեմ արհեստական ուշիմութեամբ ազգ առաջնորդողներուն: Ի՞նչ ընել, եթէ ծրագրաւորումներուն մէջ չկան հայերէն հարազատ բառերը, որոնք փոխարինուած են միջազգայիններով:

– Գրէ՛, եթէ չես յոգնիր:

– Կը գրեմ, որպէսզի մարգարէական յեղափոխութիւն եւ անշարունակութիւն սերնդափոխութիւն չլուծեն հարցը: Նորը, նորոյթը եւ շոուն չըլլան ապագայ, Հայաստանը չըլլայ կապկումի Սիլիքոն Վելի, Մոսկուա, Փարիզ:

Ըսաւ, ելաւ եւ գնաց Կեդրոնականցին: Նամակները գրելո՞ւ…

 

 

Պատկառելի Ուսուցիչներ Եւ Երախտագէտ Աշակերտներ

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Իմ պատանեկան տարիներէն ի վեր միշտ ալ շեշտուած հակում մը ունեցած եմ կարդալու երեւելի դէմքերու յուշագրութիւնները:

Հռչակաւոր անուններու, գրագէտներու, եկեղեցական կամ թատերական գործիչներու, քաղաքական ու ազգային դէմքերու չոր ու ցամաք կենսագրութիւնները անբաւարար գտած եմ` անոնց իսկական դիմագծութիւնը ճանչնալու տեսակէտէ: Հետեւաբար ճգնած եմ գիտնալու անոնց կեանքին քուլիսային մանրամասնութիւնները… Բայց ինչպէ՞ս: Յուշագրութիւննե՛ր կարդալով անոնց մասին:

Վերջերս, երկրորդ անգամ ըլլալով, իմ գլուխը հակեցի 200 էջանի յուշագրական սքանչելի հատորի մը, որ կը կոչուի «Իմ ուսուցիչներս»: Գիրքը տպուած է Պէյրութ, 1984-ին: Հեղինակ` Մուշեղ Իշխան, բոլորիս ծանօթ լիբանանահայ բանաստեղծը, տուներու ու տաքուկ երդիքներու անմոռանալի երգիչը:

Մ. Իշխան յուշեր եւ տպաւորութիւններ կը պատմէ այստեղ` իր պատկառելի ուսուցիչներուն մասին:

Ի՜նչ ուսուցիչներ…

Արդարեւ, ան նախ կը խօսի Յակոբ Օշականի մասին, որուն աշակերտելու բախտն ունեցեր է Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանին մէջ, 1928-1930:

Յետոյ, շատ հետաքրքրական տեղեկութիւններով կ՛ոգեկոչէ բարի յիշատակը ազնուական ուսուցչապետի մը` պատմագէտ փրոՖ. Նիկողայոս Ադոնցին, որուն աշակերտեր է  ինք 30-ական թուականներու վերջերը` Պրիւքսէլի համալսարանը իր ուսանողութեան օրերուն:

Այնուհետեւ ալ, լայնօրէն դիմաստուերները կը գծէ թէ՛ Նիկոլ Աղբալեանին եւ թէ՛ Լեւոն Շանթին, որոնք իր ուսուցիչներն եղեր են Պէյրութի Հայ ճեմարանէն ներս:

Մ. Իշխան, ի՛նք ալ հետագային ուսուցիչ, կը մեծարէ իր անմոռանալի ուսուցիչները հոյակապ հայերէնով մը: Իր գործածած զուլալ ու ջինջ հայերէնը խորապէս տպաւորիչ է եւ ուսանելի, ու կը խորհիմ, որ այդ հայերէնը այլեւս գոյութիւն չունի մեր շուրջ…

Բայց չերկարեմ: Տամ Լ. Շանթի մասին իր պատմածներէն քանի մը արագ նշումներ:

Ըստ Մ. Իշխանի, Շանթ (որ Ճեմարանի տնօրէնն էր) տեւաբար իր աշակերտները կը խրատէր գրեթէ նոյն բառերով. «Աշխատեցէք ՄԱ՜ՐԴ ըլլալ. մարդը տիեզերքի բարձրագոյն արժէքն է»:

Օր մը, Ճեմարանի աւարտական հանդէսին, շրջանաւարտներուն վկայականները բաժնելէ առաջ, յայտարարեր է.«Ամենանշանաւոր մարդէն իսկ մահը ԱՆՈՒՆ ՄԸ կը ձգէ միայն. երկու խեղճ բառերու մէջ ամփոփուած անուն մը: Ինչ որ կը մնայ անմահ եւ կը դիմանայ դարերու աւերին, ատիկա մարդուս ԳՈՐԾՆ Է»:

Մ. Իշխան կը վկայէ տակաւին, թէ ամէն անգամ որ հանդիսաւոր առիթով մը Շանթի բարեկամները «երկար կեանք» կը մաղթէին իրեն, ան ժպտերես դէմքով կը պատասխանէր.

– Աշխատելու կարողութի՛ւն մաղթեցէք. աշխատանքէ զրկուած ապրիլը անիմաստ է: Կ՛ուզեմ մեռնիլ այն օրը, որ չկարենամ աշխատիլ:

Կա՞ն հիմա այս որակով ու նկարագրով ուսուցիչներ: Եւ կա՞ն այս որակով (իմա` Մ. Իշխանի որակով) աշակերտներ, որոնք կարենան երկու հարիւր էջերու երկայնքին պանծացնել իրենց երեւելի ուսուցիչները…

Որքա՜ն աղքատացած ենք հիմա…

Խունկ եւ ծաղիկներ` մեր մեծանուն ուսուցիչներուն շիրիմներուն:

(Հալէպ)

 

Viewing all 13201 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>