Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 13490 articles
Browse latest View live

«Անունովդ Ապրիս»

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Դեկտեմբեր ամսուան վերջին շաբաթն էր: Պէյրութ գտնուող բարեկամուհիէ մը ե-նամակ մը ստացայ: «Այսօր անուանակոչութիւնդ է, անունովդ ապրիս», որուն կը յաջորդէ առատ բարեմաղթութիւններու շարք մը:

Նախորդող օրը քոյրս նմանապէս յիշեցուցած էր. «Վաղը Պօղոս Պետրոս է»: Բացի այս երկուքէն` մարդ չյիշեց: Անկեղծօրէն ըսեմ, որ, ես նոյնպէս մոռցած էի:

Քանի մը շաբաթ առաջ հարսանիքի մը ներկայ գտնուեցանք, եւ պսակող քահանան, պսակուող զոյգին իր արտասանած սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ այդ օր Սուրբ Յակոբ էր, այլապէս որո՞ւ մտքէն պիտի անցնէր: Ո՞վ պիտի յիշեր: Ծնողքս, եթէ տակաւին ողջ ըլլային, վստահաբար պիտի յիշէին ու յիշեցնէին: Այդ տարիներուն մինչեւ իսկ կարգ մը աւանդութիւններ տակաւին կը գործադրէինք: «Սուրբ Յակոբի օրը լոգանք չեն առներ», Սուրբ Սարգիսին 3 օր ծոմ կը պահեն, եւ` կարգ մը նման նախապաշարումներ ու աւանդութիւններ:

Մանկութեան տարիներուս, երբ տակաւին Էշրեֆիէ կը բնակէինք, անուանակոչութիւններուն` հօրս յիշեցումին կարիքը չէինք զգար: Բարի տէր հայրը, ամենայն հաւատարմութեամբ, թաղեցիներուն` բոլորիս անուանակոչութիւնը շնորհաւորելու կ’այցելէր եւ մեր տուները կ՛օրհնէր: Չէ պատահած, որ մէկը մոռցուէր,  նոյնիսկ` ամենայորդառատ անձրեւոտ օրերուն: Մեր տունը եկեղեցիէն ու դպրոցէն բաւական հեռու էր, կուպրապատ ճամբայ գոյութիւն չունէր, սակայն բարի տէր հայրը երբե՛ք չէր թերանար իր պարտականութեան մէջ, ու քալելով կու գար մինչեւ մեր հեռաւոր թաղը:

Իւրաքանչիւր եկեղեցիի անուանակոչութեան օրերուն տեղի կ’ունենային շքեղ տօնակատարութիւններ: Սուրբ Սարգիսի տօնին պատարագիչը անպայման բարձրաստիճան կղերական մը կ’ըլլայ: Պատահած է նաեւ, որ վեհափառ հայրապետը այցելէ Նոր Սիս թաղամասի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին: Սուրբ Յակոբի օրը շքեղ հանդիսութեամբ կը տօնուէր Էշրեֆիէի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Յովհաննու Կարապետին նոյն հանդիսութիւնները կը կատարուէին Հայաշէնի մէջ, իսկ Գրիգոր Լուսաւորչի տօնը մեծ շուքով կը տօնուէր Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, ուր շրջափակը կը յորդէր ու մինչեւ այսօր  կը յորդի մեծ բազմութեամբ:

Մայրավանքի եկեղեցին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի անունով օծուած է:

Քանի մը անուններու ոգեկոչումը յիշելու համար նոյնիսկ օրացոյցին օգնութեան կարիքը չենք զգար: Յունուար 6-ին` Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան օրը, Աւետիսներու անուանակոչութիւնն է, իսկ  Զատկին` Յարութիւններունը: Մնացած տօները յիշելու համար պատէն կախուած հայկական օրացոյցի օգնութեան կը դիմենք:

Շաբաթ մը առաջ գեղեցիկ նկարներով լեցուն հայկական օրացոյց մը բերի տուն, եւ նախքան սոյն գրութեանս սկսիլը, աչք մը նետեցի վրան` վերյիշելու համար հայկական տօները: Զարմանքով նշմարեցի, թէ ո՛չ մէկ հայկական տօն յիշուած էր, բացի` ապրիլ 24-էն, որ կարմիր գոյնի մելանով տպուած էր: Ոչ իսկ արձանագրութիւն մը` յիշեցնելու Հայոց ցեղասպանութեան օրը ըլլալը:

Մանկութեանս օրերուն օրացոյցները օրական մէկ թերթիկի դրութեամբ էին: Օրացոյցը կը բաղկանար 365 թերթիկներէ, եւ ամէն օր մէկ էջը պատռելով` կը սպասէինք Նոր տարուան ժամանումին: Իւրաքանչիւր թերթիկի վրայ գրուած էր օրուան թուականը, շաբթուան ո՛ր օրը ըլլալը, իսկ վարի մասը` աւետարանէն առնուած բարոյախօսական փոքր նախադասութիւն մը:

Տօնական օրերը նոյնպէս մատնանշուած էին: Հայրս ստանձնած էր օրացոյցի էջերը պատռելու պարտականութիւնը, եւ ամէն օր վարի գրութիւնները բարձրաձայն կը կարդար մեզի` չմոռնալով յիշեցնելու տօները:

Նոր տարուան, Սուրբ Ծնունդի եւ Զատկուան տօներէն ետք, Վարդանանցը մեր նախընտրած տօներէն մէկն էր: Դպրոցէն 5 օր արձակուրդ կ՛ունենայինք:

Համբարձման տօնը դիւրութեամբ կը յիշուէր` դարձեալ առանց օրացոյցի օժանդակութեան: Իգականներուն համար հաճելի տօն մըն էր: «Վիճակ» կը քաշէին, մանաւանդ երբ իրենց անմիջական շրջապատին մէջ նշանուած օրիորդ մը ըլլար, պայման էր, որ ան ներկայ գտնուի այդ աւանդական հանդէսին:

Ներկայիս տուներու մէջ վիճակ քաշելը նուազած է. կրնամ ըսել` գրեթէ վերցուած: Փոխարէնը` մեր տիկնանց միութիւնները Համբարձման տօնը մեծ շուքով կը կազմակերպեն թէ՛ տօնը յիշելու եւ թէ՛ միութեան որոշ եկամուտ մը ապահովելու նպատակով:

Ինչ կը վերաբերի Համբարձում անունին, այսօր այդ անունը կրող քանի՞ հոգիի կը հանդիպինք: Նոյնիսկ եթէ հանդիպինք, ո՛չ ոք Համբարձում անունով կը բնորոշէ զայն, պարզապէս` Համբիկ կամ Համբար:

Իգականները, հակառակ իրենց ազնւութեան ու բարութեան, հազուագիւտ սուրբեր տուած են մարդկութեան: Սուրբերը մեծամասնութեամբ արականներ եղած են: Մատի վրայ կը համրուին իգական սուրբերը, որոնցմէ անշուշտ ամենանշանաւորն է Մարիամ Աստուածածինը, սակայն այսօր Մարիամ անունը կրող քանի՞  հայուհիներու կը հանդիպինք: Կը կանչուին` Մարի, յաճախ Մարօ, իսկ աւելի «արդիականացածները»` Մէյրի:

* * *

Զուտ հայկական մաղթանք մըն է «Անունովդ ապրիս»-ը եւ այսօր շատ աւելի պէտք է մաղթենք բոլոր անոնց, որոնք մէկդի ձգած իրենց հայկական սիրուն անունները` կը գործածեն օտար անուններ:

Շատ մը սովորութիւններու նման, «Անունովդ ապրիս»-ի բարեմաղթութիւնը զգալիօրէն նուազած է: Սկսած է նոյնիսկ մոռցուիլ:

Այսօր, աւելի քան երբեք, պէտք է յիշեցնենք անունովը ապրելու պահանջը: Շատ է թիւը անոնց, որոնք կը մկրտուին հայկական անունով, սակայն այդ անունը կը մնայ գրուած միայն անձնաթուղթերու մէջ: Հանրութեան մօտ ճանչցուած են իրենց թարգմանուած կամ «արդիականացած» անունով:

Ինչպէ՞ս տօնել «Յովհաննու Կարապետ»-ը, երբ Յովհաննէսը դարձած է Ճան, իսկ Կարապետը` Կերի: Ինչպէ՞ս յիշել Պօղոս Պետրոսի տօնը, երբ Պօղոսները դարձած են Փոլ, իսկ Պետրոսները` Փիթըր:

Կարգ մը անուններ այսօր դարձած են ժամանակավրէպ: Ո՞ր ծնողը կը համարձակի իր զաւկին անունը Թովմաս որակել, սակայն` Թամ, որ բառացի թարգմանութիւնն է Թովմասի, շատ հաճելի անուն մը կը թուի ըլլալ: Նոյնն է պարագան Մատթէոսին եւ Բարթողիմէոսին: Մատթէոսը կը դառնայ Մեթիու, իսկ Բարթողիմէոսը… Փաթրիք:

Կարգ մը ընդհանրացած օտար անուններ սկսած են մուտք գործել մեր հայկական անուանացանկերուն մէջ, ինչպէս` Kyle, որ երբ հայերէնով գրուի, կը դառնայ մեր գիտցած «Գայլ»-ը, սակայն ինչպէ՞ս թարգմանել Keith անունը եւ հայերէնով գրել… «Քիթ»: Չէ՞ք կարծեր,  որ չափէն աւելի ծիծաղելի անուն մը կրնայ ըլլալ:

Մանկութեանս, մեզի թաղեցի կին մը Յովհաննու Կարապետի օրը զոյգ տղայ աշխարհ բերաւ: Թաղեցիները անմիջապէս ենթադրեցին նորածիններուն անունները: Յովհաննէս եւ Կարապետ: Նոյնը մտածեցին երկուորեակներուն ծնողները, սակայն հիւանդանոցէն հազիւ տուն հասած` Յովհաննէսն ու Կարապետը դարձան Յովիկ եւ Կարօ: Ո՛չ մէկ արգելք: Տակաւին հայկական անուններ են. պարզապէս` կրճատուած: Անուններու կրճատումը զուտ հայկական սովորութիւն չէ: Կը կրճատեն նաեւ օտարները:

Յովիկին ու Կարոյին հետ կապս կտրուած է պատանեկութեան օրերէս ի վեր: Նոյնիսկ տեղեակ չեմ` տակաւին Լիբանա՞ն են, թէ՞ գաղթած, չես գիտեր` աշխարհի ո՞ր կողմը: Հետաքրքրական է գիտնալ. Յովհաննէսը մնացա՞ծ է Յովիկ, թէ՞ վերածուած` «Ճան»-ի, իսկ Կարապետը… տակաւին Կարօ՞ է, թէ՞ դարձած` «Կերի»:

* * *

Շատեր կը պատճառաբանեն, աւելի ճիշդ` ինքզինքնին կ’արդարացնեն, ըսելով, թէ օտարներուն համար դժուար է հայերէն անունները հնչելը: Արդեօք այդ մէկը պատճա՞ռ մըն է օտարացնելու մեր հայկական անունները:

Պատահած է, որ օտարներ մականունս սխալ հնչեն եւ այդ մէկը վերագրեն բազմատառ  ըլլալուն, սակայն ես, իմ կարգիս, իրենց յիշեցուցած եմ, որքան ալ երկար է, Քալիֆորնիոյ նախկին կառավարիչ, հանրածանօթ դերասան Arnold Schwarzenegger-ին մականունէն շատ աւելի դիւրին է եւ` աւելի կարճ: Ինչո՞ւ այդ անունին երկարութեան համար` ոչ մէկ ակնարկ:

Մօտաւորապէս 50 տարի առաջ, ընդհանրապէս, արուեստագէտներն էին իրենց անունները եւրոպականացնողները: Մեծ թիւով հայ երգիչներ ու երաժիշտներ կը կրէին օտար անուններ: Կարգ մը անուններ թարգմանելու դժուարութեան չէին հանդիպեր: Գէորգը դիւրութեամբ Ճորճի կը վերածուէր, Յարութը` Հերրիի, իսկ Յակոբը` Ճեքի, սակայն զուտ հայկական անունները ինչպէ՞ս թարգմանէին: Հայը միշտ հնարագէտ եղած է: Զուտ հայկական անուն Զոհրապին առաջին 3 տառերը ջնջելով եւ պահելով վերջին 3 տառերը,

Զոհրապը կը դարձնէին Ռապ, կամ` Ռապըրթ: «Խեղճ» Վաչէները ինչպէ՞ս թարգմանէին իրենց անունները: Հանդիպած եմ քանի մը Վաչէներու, որոնք իրենք զիրենք կոչած են Ռաճըր: Անշուշտ ո՛չ մէկ նմանութիւն` իսկականին եւ թարգմանութեան միջեւ: Չափէն աւելի անյաջող թարգմանութիւն մը:

Հօրս անունը Խաչատուր էր: «Սուրբ Խաչատուր» գոյութիւն չունի, սակայն Խաչատուր անուն կրողները տարին 4 անգամ անուանակոչութեան տօն կ՛ունենան: Խաչվերաց, Գիւտ Խաչի, Վարագայ Խաչ եւ Երեւման Խաչ:

Մենք` որպէս հօրս անուանակոչութեան օր, «Գիւտ Խաչին»-ը կը տօնէինք:

Ի՜նչ գեղեցիկ զուտ հայկական անուններ ունինք, որոնք բարեբախտաբար չեն թարգմանուիր: Ռուբէն, Սեպուհ, Հրայր, Վահէ, Վաչէ, Վարդգէս, Ռազմիկ եւ Անդրանիկ անունները անուանակոչութեան օր չունին: Աւետարանի մէջ յիշուած անուններուն միայն վիճակուած է այդ «բախտը»:

Զուտ հայկական սովորութիւն մըն է «Անունովդ ապրիս»-ի մաղթանքը: Ուրկէ՞ եկած է այդ աւանդութիւնը: Դարեր շարունակ մարդիկ, իրենց ծնունդէն մինչեւ մահ, պահած են իրենց անունները (ի բացառեալ` բռնի իսլամացուածներէն):

Ներկայիս բռնի կրօնափոխութեան վտանգը չքացած է, սակայն հայկական անուններ կամովին կ’օտարացուին աւելի քան երբեք:

Վերջին քանի մը տասնամեակներուն շատ աւելի ընդհանրացաւ անունի մը եւրոպականացած գործածութիւնը: Գէորգները դարձան Ճորճ, Յակոբները Ճեք, Գրիգորները` Քըրք, Մկրտիչները` Մայք, եւ շա՜տ երկար է շարքը:

Մեծ ծնողները կը հրճուին, երբ նորածին թոռնիկը իրենց անունը կրէ, սակայն հազիւ խելահաս դարձած` արդէն փոխարինուած է օտար անունով մը: Միայն մեծ հայրն ու մեծ մայրը տակաւին կը «յամառին» իրենց բուն անունով կանչել իրենց թոռնիկը:

Տարիներ առաջ դրացի տարիքոտ մամիկ մը ունէինք, որ Ցեղասպանութեան ժամանակ Աքրիպաս անունով իր զաւակներէն մէկը կորսնցուցած էր: Լիբանան հաստատուելէն տարիներ ետք փափաքած էր իր նորածին թոռնիկը նոյն անունով կոչել: Տղան չէր ուզած մերժել մօրը խնդրանքը, եւ անուանած` Աքրիպաս: Փոքրիկն Աքրիպասի մկրտութիւնը զուգադիպած է Վարդանանց տօնի օրը, եւ մկրտող քահանան ծնողքին դառնալով` «Մեղք է այս փոքրիկին, վաղը եթէ մեծնայ, պիտի ամչնայ իր անունէն», եւ մկրտած է Վարդան անունով: Թաղեցիները` բոլորս Վարդան անունով կը ճանչնայինք զինք, բացի` մեծ մօրմէն, որ Աքրիպասը կրճատելով` «Աքրեն» կը կանչէր իր թոռնիկը:

Ամերիկայի մէջ, դժբախտաբար, նոյնիսկ կարգ մը հայկական եկեղեցիներ կը յիշուին օտար անունով: Սուրբ Պետրոս եկեղեցին շա՜տ շատեր St. Peter անունով միայն կը ճանչնան, իսկ Սուրբ Յակոբը` St. James.

Աւելի քան 60 տարիներ առաջ երէց բարեկամիս` Սեդրակ Էսմէրեանի (այժմ մահացած) գրած երգիծական երգը այսօր շատ աւելի այժմէական է:

«Վարդուհին եղաւ Ռոզեթ
Եղսան ալ Էլիզապէթ
Յովսէփը եղաւ Զուզու
Ո՛չ ազգ մնաց… ոչ լեզու» (Սեդրակ Էսմէրեան)

Լոս Անճելըս 2016


Ակնարկ. Եւրոպական Խաղը Կը Շարունակուի. Հերթը Հայկական Կողմին Է

$
0
0

PACE-Strasbourg-620x264

ԵԽԽՎ-ի քուէարկութիւններէն բազմաթիւ հետեւութիւններ կարելի է ընել: Շատ արագ նշելու համար, թէ հակահայ զեկուցումներու հեղինակները առանց Արցախ այցելելու, տեղւոյն վրայ տիրող իրավիճակին ծանօթանալու քաղաքական, զինուորական եւ նոյնիսկ ջրամբարի օգտագործման վերաբերեալ գնահատականներ կ՛ամրագրէին. թէ զեկուցումները բացառապէս կողմնակալ էին եւ կը խախտէին անաչառութիւնը: Տակաւի՛ն` Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները մշտապէս արտայայտած են իրենց պատրաստակամութիւնը` Ազրպէյճանի հետ համատեղ Սարսանգի ջուրերն օգտագործելու կապակցութեամբ:

Թէ 22 յունուարին ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները ոչ հայանպաստ բանաձեւերու առնչութեամբ հանդէս եկած էին յայտարարութեամբ` ԵԽԽՎ-ին յիշեցնելով, որ Մինսքի խմբակը կը շարունակէ մնալ բանակցութիւններուն համար միակ ընդունելի ձեւաչափը:

Այս վերջին յայտարարութիւնը, որ բանակցային գործընթացի ձեւաչափի պահպանումը կը վերահաստատէր, խորքին մէջ կ՛ընդգծէր այս զեկուցումներուն ԵԽԽՎ-ի կողմէ քննարկումին անիմաստ ըլլալը եւ հակասելը նախապէս կայացած միջազգային համաձայնութեան` միջնորդական առաքելութիւնը ԵԱՀԿ-ին յանձնելու սկզբունքին շուրջ:

Հիմա այն տպաւորութիւնը կը փորձուի ձգել, որ երկու հակահայ բանաձեւերէն մէկը մերժելով եւ միւսը անցընելով հաւասարակշռութեան խաղն է, որ կը պահպանուի իբրեւ թէ ԵԽԽՎ-ի կողմէ:

Բնական մղումով շրջանառութեան մէջ դրուող հարցում-առաջարկը կ՛ըլլայ այն, որ եթէ հաւասարակշռութեան խաղի կանոնական այս տրամաբանութիւնը պիտի կիրարկուի, ուրեմն հայկական կողմը պէտք է ներկայացնէ երկու հակաազրպէյճանական բանաձեւեր, որոնցմէ մէկը կ՛անցնի, իսկ միւսը կը մերժուի:

Այդքան ալ պարզ չէ անշուշտ հակակշիռ խաղ թելադրելը: Հայկական կողմը Արցախի հարցի առնչութեամբ հակաազրպէյճանական բանաձեւեր ներկայացնելու խաղին մասնակից պէտք չէ դառնայ. նման քայլ մը ինքնահակասական, բայց նաեւ ԵԱՀԿ-ին դէմ առնուած քայլով կը մեկնաբանուի: Մանաւանդ որ այստեղ հայկական կողմն ու ԵԱՀԿ-ը նոյն դիրքորոշումին վրայ են ձեւաչափը պահպանելու տեսակէտով:

Քիչ մը ետ երթանք եւ այս անգամ նկատենք, որ սեպտեմբեր 2015-ին, Եւրոպական խորհրդարանը կը քուէարկէր Ազրպէյճանը քննադատող աննախադէպ բանաձեւ, ուր կ՛ըսուէր, որ Ազրպէյճանի մէջ արձանագրուած է աճ բռնաճնշումներու եւ ձերբակալութիւններու ենթարկուած իրաւապաշտպաններու եւ լրագրողներու երեւոյթներուն:

Եւրոպական խորհրդարանը պէտք է քննարկէր պաշտօնատար անձերու դէմ հասցէական պատժամիջոցներ կիրարկելու (ընդ որում` Եւրոպա մուտքի արգելք) հարցը:

Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէր Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու ծառայութեան դէտեր չուղարկելու: Կը հիմնաւորուէր, որ ներկայ պայմաններուն մէջ դէտեր ուղարկելը կ՛օրինականացնէ Ազրպէյճանի ընտրութիւնները:

«Եւրոպական Միութիւնը պէտք է կոչ յղէ Ազրպէյճանի կառավարութեան չեղեալ նկատելու համար Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի փակման որոշումը եւ շարունակէ այդ կազմակերպութեան հետ գործակցութիւնը» կը նշուէր բանաձեւին մէջ:

Ուրեմն. եւրոպական արժեհամակարգային սկզբունքներու նկատառումով մեր նախագիծերը պէտք է առանցքային բաժին ունենան Ազրպէյճանի թոյլ կէտերը` հալածանք, մարդու իրաւունքներու բռնաբարում, ընտանեկան սակաւապետական բռնատիրութիւն, որոնց հիման վրայ նաեւ յղում Եւրոպական խորհրդարանի կոչին` հասցէական պատժամիջոցներ որդեգրելու: Այստեղ կայ առաւելութիւն. պատժամիջոցը իրաւական ընթացակարգ է, ի տարբերութիւն ԵԽԽՎ-ի ոչ պարտադիր բնոյթի բանաձեւերուն:

Հայկական կողմը թայմինկի ճիշդ գնահատումով եւ մնալով հակակշռումի եւրոպական քաղաքականութեան տրամաբանութեան մէջ նոյնքան եւ աւելի հակահարուածային բանաձեւեր կրնայ որդեգրել տալ ԵԽԽՎ-ի մէջ կամ նոյնիսկ Եւրոպական խորհրդարանին: Կը թուի, որ հաւասարակշռումի քաղաքական խաղին մէջ հերթը հայկական կողմինն է: Իսկ Պաքուն եւրոպական արժէքներու օրինաչափութիւններուն մէջ հարուածուելու առիթներ հրամցնելու շռայլութիւնը ունի. մանաւանդ հիմա, երբ քարիւղի հաշիւը  շատ նկատի չ՛առնուիր:

«Ա.»

Հաղորդագրութիւն Թիւ 16

$
0
0

syria-shdab-logo

Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը (ՍՇՕՎՄ) կը յայտնէ իր գոհունակութիւնը SARF-ի նախաձեռնած բոլոր աշխատանքներուն նկատմամբ, բայց յատկապէս 2016-ի փետրուար 21-ի դրամահաւաքի ծրագիրին առնչութեամբ: Այս առթիւ ՍՇՕՎՄ-ը բարձր կը գնահատէ այս նախաձեռնութիւնը եւ կը մաղթէ, որ շնորհիւ մեր հայրենակիցներուն ի սպաս դրած մեծ ջանքերուն, անդուլ աշխատանքին ու անխոնջ ճիգերուն, ծրագիրը լաւագոյն ձեւով կ՛ընթանայ եւ կը նուաճէ իր նպատակակէտը: Վարձքը կատա՛ր նախաձեռնողներուն, աշխատանքներուն մասնակցողներուն եւ նուիրատուներուն, որոնք սուրիահայութեան ապրած այս դժուարին տարիներուն նեցուկ կանգնեցան անոր ու մնացին անոր կողքին: Մեր հայրենակիցները կը հրաւիրենք, որ անվերապահ մասնակցութիւն բերեն` SARF-ի ճամբով սուրիահայ համայնքի վերականգնումին եւ գոյերթին:

Ի ԴԻՄԱՑ` ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ
ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ

Հալէպ, 20 յունուար 2016

Սուրիական Օրագրութիւն 76

$
0
0

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Դեռ չհասցուցինք աչքալուսանք տալ իրարու, երբ ԱՆ կրկին լքեց զմեզ: ԹէՕ աւետիսը, թէ՛ գոյժը տուաւ ընկերուհիս` հեռաձայնով: Ան կ՛երգէր խօսելու տեղ, ու ես պահ մը սահմռկեցայ` չըլլայ թէ խելքը թռցուց կինը. այս օրերուս ամէն ինչ կը պատահի. ու վախով հարցուցի.

– Սիրա՛ն, ի՞նչ եղեր է (անշուշտ, անունը փոխած եմ, բերնի ծամօն չդառնայ կինը)…

– Ի՞նչ մը եղե՜ր է,- երգեց ան,- չիմացա՞ր,  նորէն լոյսը կտրեցի՜ն…

(Նորէն չէ՛, պիտի ճշդէր Սեւակը, այլ` կրկին, վերստին, դարձեալ, եւս, կրկին ու կրկին եւ այլն…):

– Է՜, նորութի՞ւն էր քեզի համար, ի՞նչ կու լաս,- ըսի:

– Քա՛, չեմ լար, կ՛երգե՜մ, չե՞ս մը լսեր…

– Լա՛ւ, լա՛ւ, երգէ՛ նայիմ ի՞նչ եղած է…

Ու բարեկամուհիս մերթ լալէն ու մերթ երգելէն պատմեց հետեւեալը.

– Սովորական խաւար գիշեր մըն էր, երբ պատահեցաւ հրաշքը: Յանկարծակի, կարծես մէկը հրեց զիս, ցատկեցայ տեղէս. սենեակս պայծառ լուսաւորուած էր. ապշեցա՛յ. անհանգստացա՜յ. ի՞նչ է այս… Ապա քանի մը վայրկեանէն ուղեղիս հասաւ, թէ ամիսներէ ի վեր զմեզ լքած ելեկտրականութիւնն էր շնորհ բերողը: Սկսայ միտքս քրքրել, թէ ինչե՞ր կ՛ընէի, երբ ունէի հոսանք… Երեւակայէ` չյիշեցի: Մահճակալին եզրը նստեր, կը սպասեմ, որ ան մարի, թէ ոչ հրաշքը որքա՞ն երկար կրնայ տեւել: Բաւական ետքն է որ, մարմինս սառեցաւ ու միտքս պայծառացաւ. անդրադարձայ ընելիքներուս. ամիսներէ ի վեր արդուկի սպասող լաթերո՞ւն վազեմ, թէ՞ լուալիքներուն: Շուարեցայ, ապա վիճակ նետեցի ու վազեցի դէպի բարդ-բարդ կուտակուած լուալիք լաթերը: Այս պայմաններուն մէջ ո՜վ է քեզի նայողը` արդուկուած կը հագուիս, թէ ճմռթուած:

Այդ դէզը լուալու համար մեքենան գոնէ երեք անգամ պէտք էր աշխատէր: Քաջալերուած ու յուզուած մեզի հանդէպ այս հոգատարութենէն` խաչ հանեցի ու միացուցի մեքենան: Հինգ վայրկեան ջուրը իջաւ ու, աւա՜ղ, նոյնպէս հրաժեշտ տուաւ: Ի զո՜ւր երգեցի «Ա՜յ պաղ ջրեր, զուլալ ջրեր, որ գալիս էք… ծորակից»: Միայն խռխռոց մը կը մատնէր, թէ մեքենան կը բողոքէր: Սկսայ կուտակած ջուրերէս լեցնել ու գրեթէ երջանիկ էի: Վազեցի, միացուցի արդուկը ու կրկին լուացքիս վազեցի: Այսպէս` քանի մը անգամ վազքով կտրեցի սենեակները (գոնէ տաքցայ), բայց… լոյսը եւս մարեցաւ… Ահա երրորդ օրն է, որ լուացքը մեքենայի մէջ է, իսկ լոյսն ու ջուրը լքած են զմեզ` անորոշ ժամանակով: Դուն ըսէ` ի՞նչ ընեմ: Նստիմ ու լա՞մ… որ լուացքը թէկուզ ձեռքով ընելու համար ջուր չունիմ, որ եթէ ըլլար իսկ, սառցաջուր պիտի ըլլար այս սառնամանիքին. որ վառարանին վրայ տաքցնել ալ կարող չեմ, չկա՜յ մազութ. որ` կազին վրայ եւս կարելի չէ, ան խիստ խնայողաբար կը գործածեմ, տագնապ կայ… Դեռ վրան ալ` թափած ջուրին վրայ սահեցա՜յ, ինկա՜յ,- կրկին լալագին երգեց ան:

Խորհեցայ, որ հալէպցի ոեւէ տանտիկին բազում այլ տարբերակները կրնայ պատմել: Չէ՛, մարդիկը յուսահատեցնելու իրաւունք չունիմ:  Ու քաջալերեցի զինք.

– Թո՛ղ հոտի լուացք մը, հո՞գ կ՛ընես, մենք ինչե՜ր կորսնցուցեր ենք, քանի մը լա՞թը պիտի խորհիս: Ընդհակառակը`  խնդա՛, երգէ՛ ալ, բարձրաձա՜յն, մարտակա՛ն…

– Ես ալ ատիկա կ՛ընեմ, իշտէ, թող գոցեն կեանքի բոլոր դռները, իսկ ես ընկոյզի կեղեւին մէջ ալ պիտի խնդամ ու  խնդուքով յաղթեմ…

– Մենք քաջ տոհմի զաւակներն ենք, չենք վախի՜…,- կ՛երգէր ան, մինչ մարմինս կը սարսռար` չնետէ՞ կինը…

***

Յայտնի է, որ պատերազմներու միջոցին շատեր կը հարստանան: Խօսքս չի վերաբերիր զայն հրահրողներուն. անոնք միայն շահելու ի խնդիր է,  որ կրակի կու տան ուրիշին տունը ու կը հեղեն ուրիշի մանկան արիւնը:

Խօսքս նաեւ երկրէն ներս դիրքերու վրայ գտնուողներուն չէ՜, որոնք զանազան ձեւերու կը դիմեն տակաւին հոս մնալ յամառող մարդոց գրպանի վերջին ղուրուշը հանելու: Պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսացողներ, տակաւին` ազատ պատիժներէ:

Ուրիշներ ալ կան: Անոնք, որոնք ապրած են Հայաստան, անշուշտ ծանօթ են «ԽԾԲ»-ին: Խօսքը «խնամի, ծանօթ, բարեկամ» երանելի եռեակին մէջ մտնող մարդոց է: Յիշեցէ՛ք, խնդրեմ, թէ անոնց ճարտար ձեռքերով ինչե՜ր ներմուծուեցան երկիր` մեր կարիքները «հոգալու» համար: Կեցցե՛ն տղաքը:

Չկայ ելեկտրականութիւն, մոթորներ ներմուծեցին, մանաւանդ` շուտ շարքէ ելլող: Չինաստանին առեւտուրը շահեցաւ, իսկ Հալէպ` պենզինի անվերջանալի կարգերը, «տակից» առեւտուրը, մոթորներու «անուշաբոյր» ծուխն ու հոգեպարար երաժշտութիւնը, որ ճազի ու ռոքի հրաշալի համադրութիւն կու տայ (մինչդեռ դուն երանի կու տաս խուլերուն): Այո՜, հոն շահեցաւ նաեւ պարզ արհեստաւորը:

Ապա զարգացանք. դուրս մղուեցաւ հին, բարի մոմերու պիզնեսը, աւելի մեծ շահեր մէջտեղ եկան. յայտնուեցան հզօր ելեկտրածին մարտկոցներ ու Հալէպը առաւել «գեղեցկացաւ»` ծածկուելով «ամպերային» լարերու ծածկոյթով: Խօսքը անձրեւաբեր ամպերու մասին չէ, այլ «ամփեր»-ին, որ ֆրանսացի գիտնականին անունը կը կրէ ու մեզի լոյս կու տայ:  Գրպանդ կ՛որոշէ լոյսիդ քանակը, եթէ, անշուշտ, ամիսէ ամիս գինը չաճի` ժամերը պակսելուն հակընթաց շարժումով… հարցնող, փնտռող չկա՜յ… Մահկանացուներուս օգուտը` ելեկտրագործ արհեստաւորը հացի դրամ կրցաւ շահիլ: Միայն ոչ ոք հասկցաւ այս քաղաքին մէջ, թէ ինչպիսի հետեւողականութեամբ թշնամին կը զարնէ ելեկտրական կեդրոնները` հազիւ նորոգուած: Սատանան չար միտքերու կը տանի Հալէպի ժողովուրդը…

Ջուր չունինք… դուք ձանձրացաք լսելէն, մենք` հնարաւոր բոլոր ամաններու, շիշերու, գաւաթներու մէջ ջուր ամբարելէն… Ծախուեցան ջրմուղներ, ե՛ւ ներածողը, ե՛ւ տեղադրողը, ե՛ւ, աւերուելու պարագային, արհեստաւորը շահեցան: Ու ջուրի վրայ նստած Հալէպը այդ ալ տեսաւ` զարգացաւ տակառներով ջուր ծախելու պիզնեսը:

Ու դեռ հայերուս կ՛ըսեն առեւտրական. արաբները հանճարեղ են նեղ տեղը  ապրանք հայթայթելու, ծախելիք գտնելու մէջ: Վերը նստողները կը բազմապատկեն միլիոնները (թող կեցցէ՛ պատերազմը), պարզ մարդիկ հացի դրամ կ՛աշխատին, դրամը փոքրիկ գրպանէն կը հոսի դէպի լայնը, կեանքը կը շարունակուի:

***

Եւրոպան տագնապահար… Անկելա թանթիկը, իր ժողովուրդի ըմբոստացումին առջեւ շփոթահար` կը փորձէ կոծկել իր անխելքութիւնը (կամ` ծախուածութիւնը): Ֆրանսան որեւէ տեղ որեւէ ժամու հնարաւոր ահաբեկչութեան մղձաւանջ կ՛ապրի, Անգլիան Մանշը պիտի գոցէ ու կղզիի առաւելութիւնները պիտի վայելէ… եթէ ձեռքէն գայ, որ գաղթականները չխուժեն հոն ալ:  Ու բոլորը կը նմանին այն խեղճ անասունին, որ կերակուրի տեղ… սխալ բան կերեր է:  Անունը կրկին դեմոկրատիա դրին, երբ անդրովկիանոսեան քեռիին հրամանին հլու` որոշեցին գրկաբաց ու մարդասիրաբա՜ր ընդունիլ Մերձաւոր Արեւելքէն փախչողները: Հետաքրքրական է` ո՞վ կրակ վառեց անոնց տուներուն մէջ ու զանոնք փախուստի մատնեց…

Ու հիմա ցոյցերու մէջ է Եւրոպայի ժողովուրդը, քանի որ գաղթողները, գայթակղած եւրոպացի շիկահեր ու կիսամերկ աղջիկներով… ոչ դեմոկրատ պահուածքներ կ՛ունենան անոնց հանդէպ: Իսկ հոս` Սուրիա, Իրաք, Լիպիա անարգուող, ծախու հանուող, բռնաբարուող կիներու եւ  մատղաշ աղջիկներու,  մանուկներո՛ւ համար ո՞վ ցոյցեր պիտի ընէ ու ո՞վ է լսողը… Դո՛ւք է, որ, մեծ մարդասէրնե՜ր, իրաւ մահ ու աւերէ փախչողներուն հետ ներմուծեցիք նաեւ աղբը, տականքը, անասունը, որ հոս ձեր ազատութիւնը չունէր… իսկ հոն ինկաւ դրախտ` ճեննեթի հուրիներու մէջ ու կ՛օգտուի ազատութեան բարիքներէն… Գիրկդ նստիմ` մօրուքդ փետեմ: Ի՞նչ շահերու ի խնդիր ըրիք այդ ու այսօր ինչպէ՞ս պիտի լուծէք այդ գորդեան հանգոյցը, որուն առջեւ էք, ու դեռ անոր ծաղիկները նոր պիտի բացուին… Կը յիշէ՞ք Փութինին խօսքը` «Դուք գոնէ կը հասկնա՞ք, թէ ի՛նչ կ՛ընէք…»:

Թուրքիա՞ն է մեղաւորը, որ միլիոնաւոր գաղթականներ խուժեցին ձեր տուները: Դրացիս, որ քաղաքականութիւն հասկնալ կը յաւակնէր, կը կրկնէր, թէ թուրքը «Պիտի իյնայ այս անգամ», թէ` Եւրոպան ու Ամերիկան զայն աղտոտ լաթի պէս մէկդի պիտի նետեն: Կը մնանք երազո՛ղ ժողովուրդ: Որ Թուրքիան որեւէ աղտոտ լաթէ աւելի աղտոտ է` կասկած չկայ, բայց նայինք, թէ որո՞նք են մաքուրները. որո՞նք  քաջալերելով անոր գայլային բնազդը` զայն մղեցին Սուրիա առաքել մարդակերները, որո՞նք են, որ անոր քաջալերեցին` մարդկային դժբախտութիւնը շահի աղբիւր դարձնել ու ստրկավաճառութիւն ընել, որո՞նք են, որ անոր թոյլ տուին Սուրիայէն յափշտակուած փեթրոլով ուռճանալ, որո՞նք են, որ գաղթողներու առջեւ դուռերը բանալ յորդորեցին ու վրան ալ մեծամեծ դրամներ տուին… զանոնք «խնամելու» համար ու այսօր ալ կը խոստանան միլիառներ…

Պատասխան` հին դեմոկրատիայի կրող Եւրոպան ու նորաձեւ, զուտ ամերիկեան դեմոկրատիա տարածողները:

Այս խնդիրին վրայ երկար մտածեցի, ու միտքս գնաց դէպի դեմոկրատիայի ծնունդը`  Հին Յունաստան ու մանաւանդ` Հռոմ:

Մեծն Շէյքսփիրը, հիացած հռոմէացիներու վեհ գործերով, Յուլիոս Կեսարին սպանութիւնը նկարագրեց, որ գործեցին իր ամէնէն մտերիմները` յանուն Հռոմի դեմոկրատիայի:

Պատանիի թարմ հոգիով կարդացեր, յուզուեր, ոգեւորուեր, նոյնիսկ լացեր եմ… Գրողները որքա՜ն յաջող ձեւով կրնան գեղեցկացնել կեանքին …մթութիւնները:

Բայց նայինք, թէ ի՛նչ ժողովրդապետութիւն էր Հռոմինը: Կային պատրիկները` ազնուական,  արտօնեալ դասակարգ ու իշխող խաւ, կային փլեպէյները`  քաղաքային արհեստաւոր կամ գիւղացի, իրաւազուրկ, շահագործուող խաւ ու կային պատերազմական գերիները` ստրկացուած, ծախու ապրանք, թէկուզ եւ ըլլային իշխանորդի կամ արքայորդի…

Այո՜, ժողովուրդը ձայն կու տար կարեւոր հարցերուն, սակայն որո՞նք էին, որ հմուտ ճարտասանութեամբ իրենց ուզած կողմ կը տանէին ամբոխը… ճիշդ այսօրուան ընտրութիւններուն պէս: Խեղճ Կեսարը խողխողող ազնուականները իրա՞ւ յանուն մեծ գաղափարի` Հռոմի դեմոկրատիայի մորթեցին մարդը: Բայց ինչո՞ւ յետոյ գզուըռտուքի մէջ ինկան իշխանութիւնը կիսելու համար… Կը կարծէ՞ք, թէ շատ բան փոխուած է հին Հռոմէն ասդին:

Այսօրուան ղեկավարները, որ բազում կերպեր յօրինած են ամբոխը խաբելու եւ կաշկանդելու` պակա՞ս ճարտասաններ են: Պրն. Սարքոզին առանց աչք թարթելու կը յայտարարէր, թէ Ափրիկէի ու այլ բարբարոս երկիրներու մէջ (Մերձաւոր Արեւելք…), շնորհիւ իրենց ջանքերուն,  արդէն սկսած է գործել դեմոկրատիան,  եւ կ՛ըսէր այն օրերուն, երբ ամենանողկալի ձեւով խողխողեցին Քազզաֆին ու Լիպիոյ մէջ դժոխքը կը մոլեգնէր, «Արաբական գարնան» արնագոյն ծաղիկները կը բացուէին իրենց իսկ շնորհիւ: Միւսներուն ալ «ազնւութիւնը» եւ «ուղղամտութիւնը» դուք գիտէք: Եւ այս մարդոց հաւատացողներ, յարգողներ, ակնածողներ կան…

Աւելի քան երկու հազար տարի ետք բան մը փոխուա՞ծ է. քաղաքական գործիչներու վարքին մէջ մարդացումի որեւէ յառաջընթաց կա՞յ: Եթէ Բրուտոսը իր բարեկամ Կեսարը յանուն Հռոմի դեմոկրատիայի սպաննեց, այսօրուանները բնաւ Բրուտոս չեն, ինչպէս եւ չէին անոր համագործակիցները: Անոնք սովորական մարդն էին ու են` արծաթասէր, փառասէր, նախանձ ու ոճրագործ:

Ոչինչ չէ փոխուած, միայն թէ այսօրուանները Բրուտոսի  արժանապատւութէնէն կաթիլ մը իսկ չունին, ամէն աղտի մէջ կը մտնեն, ամէն կերպ կը ծամածռեն իրենց հոգիները, միայն թէ խաբեն ժողովուրդը, մնան գահերու վրայ ու յառաջ տանին իրենց սեւ ծրագիրները:

…………………………………………………………………………………….

Այս մտորումներս գրի առնելէս ետք գիշերը երազիս Կեսարը յայտնուեցաւ ինծի ու ցուցնելով իր բազում վէրքերը` ըսաւ.

– Ուրեմն ես ի զո՞ւր սպաննուեցայ… Ես նոյնիսկ ներած էի Բրուտոսը, քանի որ ան յանուն վեհ գաղափարի գնաց սպանութեան. ուրեմն ա՞ն ալ խաբուեր է, ամէն ինչ սո՞ւտ է եղեր: Հոս հանդիպեցայ Քազզաֆիին ալ, Սատտամին ալ եւ ուրիշ գահընկէցներու, պարզուեցաւ, որ եղածը մանր կիրքեր են ու մեծ շահեր, չկան ո՛չ դեմոկրատիա, ո՛չ վեհ նպատակներ… Ուրեմն խեղճ Բրուտոսը ի զո՞ւր մեղքի տակ ինկաւ…

 

 

 

Նամակ Երկրէն. Առաջնահերթը` Հայաստանի Քաղաքացին

$
0
0

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

raffidoudaklian1Էյչ. Ուան Էն. Ուանի (խոզի կրիփ) տարածումը Հայաստանի մէջ կարծէք չէր բաւեր, երբ ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ յունուար 20-էն սկսեալ ռուսական իշխանութիւնները ժամանակաւորապէս արգիլած են Հայաստանէն գիւղատնտեսական որոշ արտադրութիւններու ներկրումը` դաբաղ հիւանդութեան յայտնաբերման պատճառով: Դաբաղ հիւանդութեան մասին չէի լսած, եւ այս լուրը կարդալէն անմիջապէս ետք բացի հայկական հանրագիտարանը եւ տեղեկացայ, որ դաբաղը «տաւարի, խոզերի, այծերի, ոչխարների, ուղտերի եւ այլ երկսմբակաւոր կենդանիների` սուր ընթացող ու բացառիկ արագութեամբ տարածուող ինֆեկցիոն հիւանդութիւն է: Բնորոշ է բերանի խոռոչի լորձնաթաղանթի, միջկճղակային եւ երբեմն էլ կը բծի մաշկի վրայ իւրայատուկ բշտերի առաջացմամբ: Դաբաղի նկատմամբ զգայունակ են նաեւ մարդիկ: Ինֆեկցիայի հիմնական աղբիւրը հիւանդ եւ վիրուսակիր կենդանիներն են, որոնք վարակւում են հիւանդների հետ անմիջական շփման, կերի, ջրի միջոցով»:

Գրասենեակ ժամանելով, երբ առաւօտեան սուրճի ընդմիջումին դաբաղ հիւանդութեան եւ ռուսական արգելքներուն մասին տեղեկացուցի գործընկերներուս, հաշուապահ Դաւիթը, քմծիծաղ մը դէմքին, ըսաւ.

– Դէ՛ լաւ, ի՞նչ անենք, էս էլ Հայաստանն ա, մի կողմից թուրքերն են, միւս կողմից էլ` անասուններն ու նրանց հիւանդութիւնները: Երկուսի հետ էլ սովորել ենք պայքարելով ապրել…

Քանի մը ժամ ետք Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան սննդամթերքի անվտանգութեան պետական ծառայութիւնը յայտարարեց, որ դեկտեմբերին Արմաւիրի մարզի գիւղերէն մէկուն մէջ արձանագրուած է անասուններու դաբաղ հիւանդութեան մէկ դէպք: Հայաստանը, իբրեւ Անասուններու առողջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան անդամ, դաբաղ հիւանդութեան բացայայտման մասին տեղեկացուցած է կառոյցի անդամներուն, ինչպէս նաեւ` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներուն (ԵՏՄ): Սննդամթերքի անվտանգութեան պետական ծառայութեան այս յայտարարութիւնը պատճառ դարձաւ, որ կէսօրուան ճաշի դադարին վերստին արծարծուի դաբաղ հիւանդութեան նիւթը եւ այս անգամ, սակայն, ոչ թէ քմծիծաղով, այլ`  բարկութեամբ ու բողոքի արտայայտութիւններով:

– Ի՞նչ է, մենք Ռուսաստանի՞ց պիտի իմանայինք, որ մեր սեփական հայրենիքում դաբաղ ա բացայայտուել: Սաղ աշխարհին տեղեկացրել են, իսկ մեզ բանի տեղ չեն դնում,- պոռթկաց Վաչիկը:

– Ռուսաստանն ու իրա ԵՏՄ-ն, էդ Անասունների առողջութեան միութիւն ա, ինչ ա` չգիտեմ, Հայաստանի քաղաքացիներից աւելի կարեւո՞ր են էս պետութեան համար, որ շտապում են նրանց տեղեկացնել, իսկ մեզ անտեղեակ են թողնում հիւանդ անասունների մասին` շարունակեց Անահիտը:

– Չեմ հասկանում, ռուսներին եւ միւսներին տեղեկացնում են, որ նրանք պաշտպանուեն էս հիւանդութիւնից, իսկ մենք` հայ քաղաքացիներս մարդ չե՞նք, դրսի՞ց պիտի իմանանք մեր երկրում բացայայտուող հիւանդութիւնների մասին: Էս իշխանութիւնները ե՞րբ պիտի հասկանան, որ առաջնահերթը իրանց քաղաքացիներն են, բոլորից էլ առաջ հայ քաղաքացիների ապահովութիւնն ա կարեւոր, բայց սրանք թքած ունեն մեր երեսին,- պոռթկաց Դաւիթը®

Ոչ ոք կրնար հակառակը պնդել: Հայաստանի քաղաքացի գործընկերներս վիրաւորուած էին եւ հերթական անգամ արհամարհուած ու անտեսուած կը զգային:

– Էս երկրում ամենամեծ հիւանդութիւնը քաղաքացիների նկատմամբ իշխանութիւնների վերաբերմունքն ա, եթէ մի օր էս հիւանդութիւնը բուժենք, շատ խնդիրներ էլ հետը կը լուծուեն,- ըսաւ սակաւախօս Արտակը:

Լռութեամբ համաձայնութիւն յայտնեցինք եւ վերադարձանք մեր գործին:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

 

 

Սխալի Առաջնորդող Գաղափարական Եւ Յղացքային Շփոթներ Եւ Քաղաքական Միտքի Ճահճացում

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հարցադրում

Մեր անմիջական պատմութիւնը մեզի կը պարտադրէ ընտրանք եւ կողմնորոշում: Եթէ անոնք չունենան յստակութեամբ բանաձեւուած ազգային, ռազմավարական, մշակութային, քաղաքական եւ գաղափարաբանական հիմնաւորումներ, ցարդ որպէս մէկ եւ մէկութեան ցանկութեամբ ապրած ընդհանուր ըմբռնումով ապրած ազգը կը զարնուի խութի: Հետեւանքը հռետորութեամբ եւ ամբոխավարութեամբ չի վարագուրուիր. կ՛ունենանք անդառնալի կորուստներ:

Տեղատուութեան եւ նահանջականութեան ջատագով գործնապաշտներ հիմնահարցերը կը ծալեն եւ վրան կը նստին, խցելով հեռանկարներու ճանապարհները` ջոջական շահախնդրութիւններով: Հիմնահարցերը երբ կ՛առանձնացուին կարծեցեալ ղեկավարումի թափահարումներով, պատշաճ եւ չանհանգստացնող լուծումներ գտնելու համար, անմիջականի ճահիճին մէջ կը խեղդենք ազգի ապագայի տեսիլքը:

Հիմնահարցերու պարզացումը եւ առանձնացումը սխալ տեղ կը տանին: Ազգայինը կը վերածուի սփիւռքայինի, սփիւռքայինը` համայնքայինի կամ թաղայինի: Անհատապաշտութիւն, տեղայնութիւն, սպառողական ընկերութեան գերութիւն, եւ իր անունը չըսող անձնատուութիւն, կը դառնան ընդհանուր վերաբերում, որ կ՛ըլլայ սկիզբ` անցեալէն խզուող նոր ընկերութեան մը. ծագումով հայու հրաժարման վիճակը:

Իրարու Զօդուած Իսկական Հիմնահարցեր

Մեր ժողովուրդի պատմութիւն-լինելութիւնը իր հունէն հանած են, եւ մենք ալ կը շարունակենք հանել` դիմելով կիսամիջոցներու, փակագիծի մէջ դնելով ամբողջի տեսիլքը: Բացասականութեան պատճառները սոսկ արտաքին չեն, նաեւ ներազգային են:

Մեր խոտորումները միշտ արդարացնելու հակում ունեցած ենք` մեզմէ դուրս նայելով, մեզմէ դուրս պատճառ եւ պատասխանատուութիւն փնտռելով: Յաջողած ենք, երբ զանոնք մեր մէջ փնտռած ենք եւ` չէզոքացուցած: Այս պատահած է պատմութեան աստեղային պահերուն: Օրինակ, երբ դարասկիզբին օրհասական կռիւ կը մղուէր Հայաստանի վերջին բեկորի պաշտպանութեան համար, հայեր, այրեր եւ կիներ իրենց ունեցած ոսկին, մատանիները եւ զարդերը բերած եւ տուած են` մասնակցելու համար պատերազմի ճիգին:

Վերջին յիսուն տարիներուն հայոց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը գործունէութեան օրակարգ դարձաւ, իր մեծ կամ պզտիկ յաջողութիւններով միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեց իր վրայ: Ուժերը լարուած էին այդ իրաւունքները այժմէականացնելու` որպէս քաղաքական առաջադրանք, որ կը բանաձեւուէր «մեր հողեր»-ու պահանջով: Նոյն հունին մէջ ազատագրական պայքարի բնոյթով նախաձեռնութիւններ եղան` Հայկական հարցը դուրս բերելով սգատօնային փակ դռներու ետին տեղի ունեցած յուշախօսական յուզումներէ: Տարիներու թաւալումին հետ ազգային-քաղաքական մտածողութիւնը, զուգահեռաբար խորհրդային կարգերու փլուզման, ազգային վերականգնումի (ոչ համայնքային) ըմբռնումով, հրապարակ եկաւ Դէպի Երկիր խտացեալ գաղափարով, որ ընթացիկ կարգախօսէ մը աւելին էր:

Սգատօնէ ձերբազատած ապագայակերտ Դէպի Երկիրը, խօսքէ եւ թուղթէ անդին անցնելով, չդարձաւ իրագործուելիք եւ իրագործուող առաջադրանք: Չի խօսուիր այս մասին:

Եթէ Դէպի Երկիրը հետապնդուող քաղաքական առաջադրանք ըլլար, արտագաղթ-աղէտը կը կանխուէր, անիկա տեղի չէր ունենար, տեղի կ՛ունենար հայրենադարձութիւն:

Հայկական հարցը նոր է միայն որ Դատի կերպարանքով հրապարակ կու գայ, թէեւ` մասնակի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իր կալուածներուն Թուրքիայէն պահանջի օրինական նախաձեռնութեամբ: Հայկական հարցը, Հայ դատ տարազով, քարոզչական նախաձեռնութիւններու առիթ էր, որ կը կեդրոնանար Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտութեան բարոյական պահանջի վրայ: Միջոցին, սփիւռքի համայնքներուն համար անիկա ինքնահաստատման եւ տեսանելիութիւն նուաճելու միջոց էր, ներհամայնքային համագործակցութեան առիթ, անցեալի պառակտումներու յաղթահարումով: Ինչ որ պակսեցաւ երէկ եւ կը պակսի այսօր, Ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման ոճիրի մեր կողմէ կատարուելիք սրբագրութիւնը օրակարգ չեղաւ եւ չէ:

Այս ընթացքը յառաջացուց տեղայնականութեան այն միտքը, որ Հայ դատի հետապնդումը սփիւռք-համայնքներու կենսունակութեան կը նպաստէր` առանց խօսելու անոր ամբողջական եւ հեռաւոր նպատակին մասին: Այդ անմիջական-հեռաւոր նպատակը դադրած է տեղայնականութեան եւ քաղքենիացման ինքնագոհ հետեւորդներու առաջնորդ ըլլալէ. Հայոց հայրենիքի ամբողջացում եւ հայրենադարձութիւն: Այսինքն սփիւռք(ներ)ի համար տեղական-տեղայնականի սահմաններուն կը մնայ:

Հայոց հայրենիքի ամբողջացումը անմիջական օրակարգ ըլլալէ դադրած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքներու համար, զայն խեղդած ենք Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ շրթներու ծայրով ըսուող հատուցման մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումը եւ Արցախի ազատագրումը չառաջնորդեցին հայրենադարձութեան: Հայ մարդիկ, նոյնիսկ յանձնառուներ, «Հայ դատ»-ը կը համարեն սփիւռք«ներ»-ը արթուն պահելու կամ համախմբելու միջոց, մօտաւորապէս հայրենակցական միութեան պատկերով: Այսինքն խօսինք «Հայ դատ»-ի մասին, բայց հայրենիքի ամբողջացման ճառէն անդին յանձնառութիւն պահանջող վերաբերումէն հրաժարինք եւ «հայրենադարձութիւն»-ը ազգային իրաւ քաղաքականութիւն եւ նոյնքան յանձնառութիւն չհամարենք:

«Հայ Դատ»-ը Արհեստական Շնչառութեան Գործիք Չէ

Պարզ պէտք է ըլլայ, եւ` առանց ճապկումներու, որ Հայ դատը սփիւռք(ներ)ի արհեստական շնչառութիւն տալու գործիք չէ, եթէ անոր պաշտպանները իրենց անձին օրինակով չեն հաւատար եւ յանձնառու չեն հայրենիքի ամբողջացման եւ հայրենադարձութեան:

Հայրենիքի ամբողջացումը եւ պաշտպանութիւնը չեն կրնար իրականանալ առանց հայրենադարձութեան: Առանց այս գիտակցութեան եւ անոր հետեւող ընթացքի` սփիւռք(ներ)ը կը դառնայ ինքնանպատակ, ոչ թէ` տրոհուած ազգի հատուած, այլ` ինքնանպատակ դարձած հաւաքականութիւն, որ կը շարունակէ ինքզինք համարել «ազգ», յաւերժացող գաղթականութիւն:

Իսկ հայրենադարձութիւնը գաղափարախօսական հիմնաւորում պէտք է ունենայ եւ ան ներշնչուած պէտք է ըլլայ զանգուածներէն: Արդիւնքը կը չափուի թիւերով եւ ոչ` ոտքի քնացնող ենթագաղափարաբանական ճառով (logiomachie): Այսինքն սփիւռք(ներ)ի հայը պիտի գիտնայ, համոզուի եւ յանձնառու ըլլայ, որ հայու ինքնաիրականացումը կ՛անցնի հայրենադարձութեան ճամբով` ո՛չ հայասիրութեամբ, ո՛չ բարեսիրութեամբ, ո՛չ այլազան ծառայութիւններով: Երբ այսօր հայրենադարձութիւն տեղի չ՛ունենար, ոչ միայն ապակայունացած շրջաններէ, պէտք է քաջաբար ընդունիլ, որ հայաստանեան եւ սփիւռքեան ղեկավարութիւնները ձախողած են:

Մասնագէտ մը պէտք է օր մը ըսէ` թիւերու եւ ուսումնասիրութիւններու վրայ հիմնուելով, թէ քանի՛ միլիոն մարդ կրնայ բնակիլ Հայաստանի մէջ (ներառելով Արցախը, որ Հայաստան է` անկախաբար միջազգային որձեւէգ բացատրութիւններէ): Խօսքը կը վերաբերի ո՛չ զբօսաշրջիկներու եւ ո՛չ ալ խնայողութեամբ իրենք զիրենք հանգստեան կոչողներու` վայելելու համար հայրենիքի օդը եւ ջուրը:

Երբեք բաւարար չափով չենք ըսեր, որ սփիւռք(ներ)ը ինքնանպատակ չեն եւ չեն կրնար յաւերժանալ: Ճիշդ է, այսօր, թուական պատկերով, սփիւռքները աւելի կը կշռեն, քան Հայաստան-Արցախի բնակիչները: Երբեք բաւարար չափով չենք ըսեր, որ ազգի գոյատեւման արգանդը հող-հայրենիքն է: Այս ըմբռնումով է, որ հայրենադարձութիւնը գոյատեւման երաշխիք է, իսկ սփիւռքներու գոյատեւման երաշխիքներու լաւագոյններն անգամ միայն ժամանակաւոր են: Արգիլուած չէ երբեմն հեռանալ զգացական եւ արդարացման ճառերէ: Օրինակ, տեւելու եւ տոկալու լաւագոյն պատուանդանը հայ դպրոցն է եւ է: Սակայն ի՞նչ կ՛ըսէ պատմական հոլովոյթը:

Լիբանանի մէջ եղած են 66 վարժարաններ, այժմ կը գործեն 24: Սուրիա եղած են 64, այժմ` 10: Իրան` 50, այժմ` 10: Թուրքիա` 29, այժմ` 16: Եւ միայն Պոլսոյ մէջ:

Միացեալ Նահանգներ կամ Ֆրանսա դպրոցական տարիքի հայածնունդներու չնչին տոկոսը կը գտնուի հայկական վարժարանի մէջ: Հետեւաբար սփիւռք(ներ)ի գոյատեւումը որպէս հայկական, եթէ ճառերը եւ անհանգիստ չըլլալու ճապկումները մէկդի դնենք, լաւատեսութիւնը անհեթեթութիւն կը դառնայ:

Իրաւութեամբ Կրնա՞նք Եզրակացնել

Նուազագոյն ողջախոհութիւնը, ազգի տեսանկիւնէ, հայրենադարձութիւնն է:

Սփիւռք(ներ)ը անխուսափելիօրէն դատապարտուած են ուծացման (դպրոցներու համրանքի նուազումը չափանիշ է)  կարծեցեալ իմաստութեամբ ընդունուած ծագումով հայու վիճակը, որ իրավիճակ չէ, պահելու համար կարգախօսային երազ մը պէտք է, եւ այդ երազն ալ Հայ դատի աղմուկ ստեղծելու անհեռանկար յարմար տարազը կը համարեն` հայրենադարձութեան բացակայութեան:

Ժողովուրդն է, որ իր Դատը կրնայ հետապնդել, որուն համար յանձնառութիւն պէտք է, սովորաբար կ՛ըսենք նաեւ` զոհողութիւն: Հայ դատ հետապնդելը աղմկարարութիւն է, եթէ հայրենադարձութեան համոզում չունին զանգուածները, եթէ հայրենադարձութիւնը չհետեւի ամպագորգոռ ճառերու:

Այսինքն, եթէ հայրենիքի տիրութեան գիտակցութիւն չկայ:

Եթէ Հայ դատ չի հետապնդուիր հայրենիքի ամբողջացման եւ հայրենադարձութեան համար միաժամանակ, այլ` նպատակ ունենալով սփիւռք(ներ)ի հզօրացումը, այդ կ՛ըլլայ ազգի անձնատուութիւն:

Ղեկավարութիւնները եթէ չսեւեռեն հիմնականը, այսօրուան եւ վաղուան համար ազգի եւ իր մշակոյթի մէկութիւնը, արտագաղթը կը շարունակուի եւ հայրենադարձութիւն տեղի չ՛ունենար:

Եւ օր մը պատմաբանը հարց կու տայ, թէ ի՞նչ բան էր Հայ դատը` անտէր հողերուն բաղդատած:

20 յունուար 2015, Նուազի-լը-Կրան

 

 

Անդրադարձ. ԵԽԽՎ-ն Որդեգրեց Մինսքի Խմբակի Գործելաոճը

$
0
0

vaho_012716

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Երեքշաբթի, 26 յունուարին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) մերժեց Ռոպըրթ Ուոլթըրի հեղինակած «Բռնարարքներու աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի այլ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ» զեկուցումը, սակայն որդեգրեց Միլիցա Մարքովիչի ներկայացուցած` Սարսանգի ջրամբարին վերաբերեալ «Ազրպէյճանի սահմանային բնակչութիւնը միտումնաւոր զրկուած է ջուրէ» զեկուցումը:

ԵԽԽՎ-ն իրեն ներկայացուած ազրպէյճանամէտ, ուստի եւ հակահայ երկու բանաձեւերէն մէկը մերժելով եւ միւսը որդեգրելով փորձեց հաւասարակշռութիւն պահել ղարաբաղեան տագնապի երկու կողմերուն միջեւ: ԵԽԽՎ-ն այդպիսով որդեգրեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի` նախայարձակն ու զոհը նոյն նժարին վրայ դնելու արդէն աւանդական դարձած գործելաոճը եւ ընդառաջեց նշեալ խմբակի համանախագահներուն ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման շուրջ բանակցային հոլովոյթը բարդացնող քայլերու որդեգրումէն զգուշացնող կոչին:

ԵԽԽՎ-ն Մինսքի խմբակի փափաքը իրականացուց «լաւագոյն եւ ոչ պատահական դիպաշարով» մը` մերժեց Մինսքի խմբակին համար առաւել խնդրայարոյց եղող զեկուցումը` փոխարէնը որդեգրելով միջնորդ խմբակին համար չարեաց փոքրագոյնը եղողը: Առաջինը Մինսքի խմբակի տեսանկիւնէն աւելի խնդրայարոյց էր, որովհետեւ կոչ կ՛ուղղէր վերատեսութեան ենթարկելու ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման 20-ամեայ հոլովոյթին մէջ որդեգրուած սկզբունքներն ու կիրարկուած մօտեցումները: Ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ Մինսքի խմբակին կատարած յայտարարութիւնը, որ իր շահերէն մղուած էր եւ միայն անուղղակի եւ ակամայ կերպով հայանպաստ, մեծ ազդեցութիւն ձգած է ԵԽԽՎ-ի վրայ:

Հակառակ այս բոլորին, Սարսանգի ջրամբարին վերաբերող զեկուցումին որդեգրումը չի դադրիր խնդրայարոյց ըլլալէ, որովհետեւ այդ հարցը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի վերաբերող հարց մըն է, սակայն ատոր վերաբերեալ որոշումը որդեգրուեցաւ առնչակից կողմերէն մէկուն բացակայութեան: Այդ որոշումը միակողմանի ըլլալուն կողքին նաեւ խիստ անարդար էր, որովհետեւ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները 1998-1999 թուականներէն ի վեր բազմիցս պատրաստակամութիւն յայտնած են եւ Մինսքի խմբակին ու Ազրպէյճանին առաջարկած այդ հարցով գործակցելու Ազրպէյճանի հետ եւ անոր ջուր տրամադրելու, սակայն բարի կամեցողութենէ բխող եւ վստահութեան մթնոլորտի կառուցման ծառայող այդ առաջարկները միշտ ալ վերջինիս կողմէ մերժուած են: Այդ բոլորը անգիտանալով` հայկական իշխանութիւններուն ջուրի աղբիւրները «իբրեւ քաղաքական ազդեցութեան կամ ճնշումի բանեցման միջոց օգտագործելէ հրաժարելու» կոչ ուղղող բանաձեւն ու անոր որդեգրումը մերժելի են եւ ԵԽԽՎ-ի վարկին համար խիստ վնասակար:

 

 

 

Ազգային Ու Պետական Անմոռանալի Դէմք Մը` Տոքթ. Սերվիչէն (Ծննդեան 200-Ամեակին Առիթով)

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

servicen-4_013015

Խօսքը կը վերաբերի զտարիւն հայ բժիշկի մը` ԺԹ. դարէն:

Մտովին գացէք մինչեւ 140, 150 կամ 160 տարի ետ: Պահ մը ենթադրեցէք, թէ կ՛ապրիք Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաք Կ. Պոլսոյ մէջ: Ուսումնատենչ երիտասարդ մըն էք ու կը փափաքիք բժշկութիւն ուսանիլ: Ձեր ապրած քաղաքին մէջ գոյութիւն ունի Կայսերական բժշկական վարժարանը («Մէքթէպի Թըպպիյէի  Ատլիյէի  Շահանէ»), հիմնուած` 1839-ին: Հո՛ն արձանագրուեցաք ու սկսաք հետեւիլ դասերուն: Ձեր դիմաց պիտի գտնէք մեծաթիւ հայ դասախօսներ, որոնք պարծանքն էին հայ համայնքին` տոքթ. Պօղոս Զոհրապեան (տեսական եւ գործնական ծննդաբերութիւն), տոքթ. Յակոբ Տավուտեան (կազմախօսութիւն եւ դիահերձութիւն), տոքթ. Գասպար Սինապեան (ախտաբանութիւն),  Աբրահամ Սագայեան (բժշկական գծագրութիւն), տոքթ. Ստեփան փաշա Ասլանեան (վիրաբուժութիւն), տոքթ. Նահապետ Ռուսինեան (բժշկական փիլիսոփայութիւն), տոքթ. Միքայէլ փաշա Խորասանճեան (դարմանաբանութիւն), տոքթ. Յովսէփ Նուրիճան (բժշկութեան պատմութիւն), տոքթ. Անդրանիկ փաշա Կռճիկեան (բժշկական բնագիտութիւն) եւ այլն, եւ այլն:

Ու այս բոլոր անուններուն կողքին, երիցագոյն բժիշկներէն մին` տոքթ. Սերվիչէն, բուն անունով` Սերովբէ Վիչէնեան:

Այս անունը անծանօթ չէ ձեզմէ շատերուն:

Ամէն անգամ որ խօսք բացուի 1863-ի մեր Ազգ. սահմանադրութեան մասին, մի՛շտ կը յիշատակուի Սերվիչէնը` որպէս այդ սահմանադրութեան գլխաւոր կերտիչներէն մին` Գրիգոր Օտեանի, Նահապետ Ռուսինեանի, Նիկողայոս Պալեանի եւ քանի մը ուրիշ յառաջադէմ անձնաւորութիւններու հետ միասին:

Բայց  Սերվիչէն մեծանուն բժիշկ մըն էր ամէն բանէ առաջ:

Կ՛անդրադառնամ, թէ իր ծննդեան 200-ամեակն է այս տարի, ու պահը յարմար է անկասկած` սեւեռումի ենթարկելու անոր կեանքն ու վաստակը, մասնաւորաբար վեր առնելով ազգային ու պետական շրջանակներէ ներս իր բերած վիթխարի ծառայութիւնները, որոնք լուսապսակ մը հիւսեցին իր գլխուն վերեւ ու զինք դարձուցին ԺԹ. դարու ամէնէն երեւելի հայորդիներէն մին:

***

Սերվիչէն բնիկ պոլսեցի էր, ծնած` 1815-ին: Իր պապերը Փոքր Ասիայէն շատո՜նց Պոլիս հաստատուած սեղանաւորներ (լումայափոխ) եղած էին: Հայրը` Սարաֆօղլու աղա Վիչէն շատ մօտիկ կապեր ունեցեր էր համբաւաւոր Պէզճեան Յարութիւն ամիրային հետ, եղեր էր անոր գործակիցներէն մին:

Պատանի Սերովբէն, որ իր ծնողաց եօթներորդ զաւակն էր, նախակրթութիւնը ստացաւ Սկիւտարի թաղային դպրոցին մէջ: Կը պատմուի, թէ օր մը երբ Պոլսոյ Կարապետ Պալաթցի ու Երուսաղէմի Պօղոս Ադրիանուպոլսեցի պատրիարքները միասնաբար այցելութիւն մը կու տային այս համեստ դպրոցը, աշակերտներուն մէջէն Սերովբէին խելացի պատասխանները կը հմայեն զիրենք: Ու Պօղոս պատրիարք իր աջը դնելով անոր գլխուն` առանձինն «Պահպանիչ» կը կարդայ…: Մե՜ծ մրցանակ մըն էր ասիկա 12-13 տարեկան այն տղեկին համար, որ ապագայ տոքթ. Սերվիչէնը պիտի դառնար:

Ծնողները նախանձախնդիր էին, որ իրենց մանչը ստանար հիմնաւոր կրթութիւն մը: Ուստի, անձնական դասեր աւանդելու հրաւիրեցին ժամանակաշրջանի նշանաւոր հայկաբաններէն պատուելի Յովհաննէս Եզէկեանն ու ֆրանսացի մասնաւոր ուսուցիչ մը, որոնց մնայուն հսկողութեամբ, Սերովբէ կատարելապէս տիրապետեց թէ՛ իր մայրենի լեզուին, թէ՛ ֆրանսերէնին:

1834-ին, երբ 19 տարեկան էր, Սերովբէ Վիչէնեան Փարիզ մեկնեցաւ` բժշկութիւն ուսանելու հաստատ որոշումով: Արձանագրուեցաւ տեղւոյն բժշկական համալսարանը` դառնալով այդ գիտական հաստատութեան առաջին հայ ուսանողներէն մին: Հինգ տարի կանոնաւոր կերպով հետեւեցաւ դասընթացքներուն եւ բժշկական գործնական փորձարկութիւններուն: Բայց նախընտրեց իր վկայականն ստանալ Իտալիոյ Փիզա քաղաքէն` ապաւինելով իր իտալագիտութեան: Հետեւաբար 1839-ին հո՛ն մեկնեցաւ ու տարի մը յետոյ տեղւոյն հռչակաւոր բժշկական համալսարանէն վկայուեցաւ` հարկաւոր քննութիւնները յաջողութեամբ յանձնելէ ետք:

Նորընծայ բժիշկը, այնուհետեւ, մտադրեց մասնագիտանալ: Ուստի, Փարիզ վերադառնալով` երկու տարի աշխատեցաւ տեղւոյն հիւանդանոցներուն մէջ` մասնագիտանալով միզախտաբանութեան կալուածին մէջ:

27 տարեկան խանդավառ ու երիտասարդ բժիշկ մըն էր, երբ տոքթ. Սերվիչէն Կ. Պոլիս վերադարձաւ 1842-ին: Մայրաքաղաքին մէջ իր աստղը փայլեցաւ շա՛տ շուտով: Հիւանդներ շարան-շարան կարգի կը սպասէին տոքթ. Սերվիչէնէն դարմանուելու համար… Մանաւանդ որ այդ տարիներուն օսմանեան մայրաքաղաքին բժշկութիւնը մնացեր էր «շաղփաղփ (դատարկախօս) իտալացիներու եւ բախտախնդիր հրեաներու» ձեռքը (բնութագրումը տոքթ. Վահրամ Թորգոմեանինն է, Սերվիչէնի կենսագիրը):

Շատ չանցած` կայսերական հրամանով ան բժշկապետ նշանակուեցաւ պատերազմական նախարարութեան մօտ (զինուորական հիւանդանոց): Անդրանիկ պետական պաշտօնն էր այս, որուն կը կոչուէր Սերվիչէն, եւ ուր պիտի ծառայէր ամբողջ 40 տարի` մեծ նուիրումով ու ձեռնհասութեամբ:

Սերվիչէն (այսպէս կը կոչէին զինք` իր անունին ու մականունին առաջին վանկերուն միացումով) սովորական բժիշկէ մը շա՛տ աւելին էր: Այդ պատճառով ալ 1846-ին հրաւիրեցին զինք դասախօսի պաշտօն ստանձնելու Կալաթասարայի զինուորական թեքումով Կայսերական բժշկական վարժարանին մէջ, որ այդ օրերուն ունէր 450-ի չափ ուսանողներ: Այս պատուաբեր դիրքին վրայ մնաց ան ամբողջ 30 տարի` ճարտարօրէն աւանդելով օրէնսդրական բժշկութիւն (Médecine légale) եւ ներքին ախտաբանութիւն (Pathologie interne): Հոս, բոլոր դասաւանդութիւնները, մինչեւ 1869 թուականը, կը կատարուէին ֆրանսերէն լեզուով: Իսկ Սերվիչէնի ֆրանսերէն պերճախօսութիւնն ու փիլիսոփայական հմտութիւնը անվիճելի էր:

Տոքթ. Սերվիչէն հանդիսացաւ Թուրքիոյ ԱՌԱՋԻՆ բժշկական թերթին` ֆրանսերէն «Կազեթ մետիքալ տէօ քոնսթանթինոփլ»-ի հիմնադիրը, 1849-ին: Այս նախաձեռնութիւնը իրականացաւ սուլթանական բարձրագոյն հրամանով ու պատուէրով: Հայ բժիշկը այս պարբերականին պատասխանատու տնօրէնի ու խմբագրի պաշտօնը վարեց երեք տարի, մինչեւ անոր փակումը 1852-ին:

Քանի մը տարի անց, 1856-ին, Սերվիչէն իր դրոշմը թողուց ուրի՛շ նախաձեռնութեան մը վրայ ալ: Ան հիմնադիրներէն մին եղաւ Կայսերական բժշկական ընկերութեան («Ճէմիյէթի Թըպպիյէի Շահանէ»), որուն երդիքին տակ համախմբուեցան թուրք, հայ, յոյն եւ օտարազգի անուանի բժիշկներ: Սերվիչէն այս ընկերութեան նախագահ ալ ընտրուեցաւ երկիցս (1858-59 եւ 1865-66): Շուտով, երբ նոյն այս ընկերութիւնը սկսաւ լոյս ընծայել իր ֆրանսերէն պաշտօնաթերթը` «Կազեթ մետիքալ տ՛Օրիան»-ը, Սերվիչէն խմբագիր նշանակուեցաւ ատոր ու հոն ստորագրեց բժշկագիտական սքանչելի յօդուածներ, որոնք Եւրոպայի մէջ անգամ բարձր գնահատանքի արժանացան:

Սերվիչէն մասնակից ու դերակատար էր մեծ ու փոքր բոլոր այն նախաձեռնութիւններուն եւ շարժումներուն մէջ, որոնք կ՛առնչուէին օսմանեան մայրաքաղաքին առողջապահական կամ բժշկական մարզերուն:

Օրինակ, շրջան մը ան նախագահեց  Պոլսոյ Քաղաքային բժշկական բարձրագոյն խորհուրդին` պայքար մղելով քաղաքը վարակած քոլերայի համաճարակին դէմ:

Իր մէկ այլ կարեւոր ներդրումն ալ առնչուեցաւ Թուրք կարմիր մահիկին («Հիլալի-Ահմէր»): Արդարեւ, 1877-ին երբ կը սաղմնաւորուէր այս կարեւոր կազմակերպութիւնը ազնուական հայու մը` տոքթ. Տիգրան փաշա Փէշտիմալճեանի ազդու ջանքերով, Սերվիչէն ոչ միայն աշխուժ մասնակցութիւն բերաւ նորահիմն կազմակերպութեան հիմնադիր ժողովներուն, այլեւ անդամ ընտրուեցաւ անոր անդրանիկ վարչութեան ալ:

Սերվիչէն իր անունը կապեց նաեւ պետական ուրիշ նախաձեռնութիւններու:

Իրեն կը վերագրուի դեղագործներու եւ դեղարաններու վերաբերեալ այն պաշտօնական կանոնագրութիւնը, որ Պոլսոյ մէջ հրապարակուեցաւ 1861-ին, եւ որ կը սահմանէր սեփական դեղարաններու գործունէութեան ծիրն ու օրէնքները:

Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի կողմէ, 1877-ին, տոքթ. Սերվիչէն անդամ նշանակուեցաւ նորակազմ օսմանեան ծերակոյտին («Հէյէթի Այան»), որ խորհրդարանին կից` երեւելի դէմքերէ բաղկացած օրէնսդիր մարմին մըն էր:

Ան դերեր ստանձնեց նաեւ պետական պաշտօնէից վիճակագրութեան («Սիճիլի Ահվալ») յանձնաժողովին ու Հանրային կրթութեան խորհուրդին մէջ ալ:

Այսպիսի պաշտօններ, բնականաբար, ընկերային բարձրամակարդակ շրջանակներու հետ անմիջական շփման մէջ կը դնէին ենթական: Հետեւաբար զարմանալի չէր, որ Սերվիչէն դառնար փնտռուած մտերիմն ու անձնական բժիշկը  իրերայաջորդ սատրազամներ (վարչապետ) Ալի, Ռեշիտ եւ Ֆուատ փաշաներուն: Եւ ի զուր չէր, որ սուլթանը անոր կուրծքը պիտի  զարդարէր կայսերական շքանշաններով…

(Շար. 1)

 

 


Հայ Ազատամարտիկն Իր Ձեռքով Գծեց Արցախի Սահմանները. Արթուր Աղաբեկեան

$
0
0

«ԱՊԱՌԱԺ»

12626012_1518870075076311_1456783525_n-1

Յունուարի 28-ը Հայաստանի Հանրապետութեան տօնացոյցում նշւում է որպէս Բանակի օր: Այս օրը ունի մեծ կարեւորութիւն հայ ժողովուրդի համար, քանի որ մեր բանակն է մեր պետութեան  ու ազգի գլխաւոր պաշտպանը ու նրա հզօրութիւնից է կախուած  բոլորիս ապագան: Օրուան կապակցութեամբ «Ապառաժ»-ը զրուցել է Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ, ՀՅԴ-ի անդամ, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պետական եւ ռազմական գործիչ, գեներալ-լեյտենանտ Արթուր Աղաբեկեանի հետ:

«ԱՊԱՌԱԺ».-  Ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ հրամայականով ծնունդ առաւ հայկական բանակը:

ԱՐԹՈՒՐ ԱՂԱԲԵԿԵԱՆ.- Դեռ 1988թ, երբ Արցախի ժողովուրդը խաղաղ ցոյցի էր դուրս եկել ու ակնկալում էր խորհրդային իշխանութիւններից, որ վերջապէս Արցախը կը վերամիաւորուի մայր Հայաստանին, նոյն Խորհրդային Միութեան իշխանութիւնները դրդում էին ազերիներին, որպէսզի նրանք բռնութեամբ ճնշէին Արցախեան շարժումը: Փառք Աստծոյ, այդ օրերին գտնուեցին անհատներ, թէ՛ Հայաստանում եւ թէ Արցախում, որոնք հեռուն նայելով` ամէնուր խօսում էին ինքնապաշտպանութեան մասին: Հէնց այդ անհատներն էին (կարծում եմ` պատմութիւնը հետագայում անուն առ անուն կ՛անդրադառնայ նրանց), որոնք ինքնապաշտպանական ջոկատների ստեղծման ակունքներում էին: Յիշում եմ, որ 1988թ. աշնանը Արցախում արդէն կային ինքնապաշտպանական ջոկատներ: 1989թ, երբ ձեռքս ընկաւ Նիկոլ Դումանի «Նախագիծ ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան» գիրքը, ես հասկացայ, որ մենք ճիշդ ճանապարհին ենք, քանի որ 1989թ. մենք արդէն ունէինք Նիկոլ Դումանի բնութագրած «մնայուն եւ ֆռռան ջոկատները»: Այս մնայուն եւ ֆռռան ջոկատները հետագայում դարձան հայկական Զինուած ուժերի հիմքը:

Բանակաշինութիւնն ընթանում էր ինքնապաշտպանութեանը զուգահեռ: Մի կողմից անհրաժեշտ էր բանակային ստորաբաժանումների ձեւաւորումը, միւս կողմից` ազերի օմոնականներին դիմակայումը: Այսպիսով, հայ ազատամարտիկը գծում էր Արցախի սահմանները:

Բազում պետութիւններ կազմաւորման ընթացքում ձեւաւորել են Զինուած ուժեր` զուտ դա ունենալու համար: Միգուցէ՞ այդպէս էլ այդ ուժերը չեն գործադրուել: Հայկական բանակը ստեղծման առաջին օրերից առ այսօր մնում է Հայաստանի եւ Արցախի լինելիութեան թիւ 1 երաշխաւորը:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս որոշուեց յունուարի 28-ը հռչակել որպէս Հայկական բանակի օր:

Ա. Ա.- Նախորդ տարիներին առիթներ ունեցել եմ այս հարցի շուրջ խօսելու. յիշում եմ, երբ քննարկում էինք, թէ որ օրը պէտք է հռչակուի հայկական բանակի օր, կային բազում առաջարկներ: Մի խումբ ազատամարտիկներ փորձում էին որպէս բանակի օր առաջարկել սեպտեմբերի 20-ը` յատուկ գնդի ստեղծման օրը, սակայն պաշտպանութեան նախարարութիւնը միանշանակ մերժեց այդ առաջարկը: Յետոյ առաջարկուեց Շուշիի ազատագրման օրը` մայիսի 9-ը, սահմանել որպէս հայոց բանակի օր: Երբ այդ օրերի պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեանի մօտ քննարկում էինք առաջարկները, նա առաջարկեց գտնել այդ օրերի Հայաստանի կառավարութեան որոշումները: Արխիւը ուսումնասիրելուց յետոյ պարզուեց, որ 1992 թ. յունուարի 28-ին` կառավարութեան առաջին նիստում, որոշում է կայացուել ստեղծել Զինուած ուժեր եւ նոյն օրը հրապարակուել է պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեանի Թիւ1 եւ Թիւ01 հրամանները: Այս քննարկումից յետոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս եկաւ առաջարկութեամբ` Հայաստանի տօների եւ յիշատակների մասին օրէնքում որպէս Հայկական բանակի օր հռչակել յունուարի 28-ը:

«Ա.».- Ըստ ձեզ` ո՞րն է հայկական բանակի մարտունակութեան գլխաւոր գրաւականը:

Ա. Ա.- Հայկական բանակի զինուոր, թէ սպայ, շարքային թէ գեներալ, գիտակցում է, որ օտարը չի երաշխաւորելու իր ծնողի, իր ընտանիքի եւ վերջապէս հայրենիքի անվտանգութիւնը: Հայ մարդը լաւ գիտի, ինչո՞ւ չէ, իր մաշկի վրայ զգացել է, որ եթէ այսօր չունենայինք մարտունակ բանակ, աշխարհն այլ լեզուով կը խօսէր Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի հետ: Իսկ մեր մեծերը մեր ժողովրդին նորից կը սկսէին պատմել թղթէ շերեփի պատմութիւնը:

«Ա.».- Սահմանային իրավիճակը վերջին 2 տարիներին շարունակւում է գերլարուել, Ազրպէյճանն անընդհատ նոր զէնք ու զինամթերք է օգտագործում սահմանին. ինչպէ՞ս կը գնահատէք սահմանին տիրող այսօրուան իրավիճակը:

Ա. Ա.- Պաշտպանական դոկտրինա ունեցող պետութիւնները զինուած ուժերի կիրառման պլանները համապատասխանեցնում են հաւանական եւ անհաւանական հակառակորդների գործողութիւններին: Թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի եւ թէ Հայաստանն հաւանական եւ անհաւանական հակառակորդներ չունեն: Մենք ունենք թշնամի երկիր, որը փորձում է ահաբեկել մեր ժողովրդին: Ուստի, մենք, ժամանակ առ ժամանակ, պարտաւոր ենք վերանայելու թէ մեր ռազմավարութիւնը եւ թէ մարտավարութիւնը: Մենք նախայարձակ լինելու անհրաժեշտութիւն չունենք, բայց թշնամու ցանկացած ոտնձգութեանը պէտք է տանք համարժէք պատասխան` թէ՛ այսօր եւ թէ վաղը:

 

 

Արջը Եւ…Թուրքը

$
0
0

ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ

Երբեմն անակնկալ լուրեր անհատը կը մղեն տարօրինակ երեւոյթներու, զարտուղի կացութիւններու մասին մտածելու, բաղդատութիւններ ընելու հոն, ուր նման փորձ մը առաջին ակնարկով անտեղի պիտի թուէր:

Շաբաթներ առաջ էր` համացանցին վրա՞յ, թէ՞ թերթին մէջ կարդացի Քալիֆորնիոյ աշխարհահռչակ բնապահպանական հոյակապ անտառներուն մէջ պատահած դէպքի մը մասին: Ուշադրութիւնս գրաւեց լուսանկար մը` արջը իր քոթոթին հետ: Ինչպէս բոլոր երեխաները` ես ալ այդ տարիներուն մեծ հետաքրքրութեամբ պիտի դիտէի… անուշիկ քոթոթը` մանաւանդ պիտի ուզէի խաղալ հետը: Բայց ուշ է նման ժամանցներ փնտռելը, բայց ուշ չէր կարդալ տրուած տեղեկութիւնները նկարին տակ: Լուր մըն էր, թէ մայր կամ հայր արջը դատապարտուած էր մահուան: Լուրջ էր լուրը, որովհետեւ բնապահպանման աշխատաւորները, անտառապահները կը հետապնդէին, կը փնտռէին զայն ոչնչացնելու համար:

Պատճա՞ռը:

Տրուած լուրէն քանի մը օր առաջ արջը յօշոտած ու սպաննած էր անհատ մը` երեխայ կամ չափահաս, չեմ յիշեր, բայց վստահաբար կերած էր դժբախտ անհատին միսը: Այլ խօսքով, համտեսած էր մարդկային միսը: Եւ ուրեմն` գնդակահարութեան դատավճիռը: Հիմնականը այստեղ տրուած պատճառն էր կամ` բացատրութիւնը պատճառին, թէ արջ մը երբ յօշոտէ մարդը եւ մարդկային մարմնի (միսին) համը առնէ, այլեւս հետաքրքրական, մեր մանկութեան օրերուն տեսած թմբուկի մը, սրինգի մը, երաժշտական կշռոյթով պարող արջուկը չէր, այլ` վայրագ անասունը, որ պիտի փորձէր նոյնը ընել ամէն անգամ, երբ մարդկային էակը տեսնէր: Այլ խօսքով, վտանգուած եղափոխական յառաջընթացի մը առաջքը առնելու անհրաժեշտութիւնը կար, որպէսզի ընդհատէին այդպիսի արջերու բազմացումը եւ` արգիլելու պատահական արկածը ժառանգականօրէն փոխանցելի յատկանիշին: Առարկուի թերեւս, թէ այդպիսի յատկանիշ մը արդէ՛ն մաս կը կազմէ արջի բնազդին, այլապէս նկարագրուած դէպքը պատահած չէր ըլլար: Վստահաբար: Բայց ո՞վ պիտի ուզէր յաճախականութիւնը աւելցնել եւ արջերու հազուադէպ արարքը վերածել սովորական երեւոյթներու:

Այս բոլորը, սակայն, ի՞նչ կապ ունի թուրքին, թուրքերուն հետ, աւելի ճիշդ` մասնաւոր տեսակի մը թուրքի հետ: Բաղդատական մը թերեւս անտեղի չէ, եւ` ահաւասիկ.

Թուրքը կենդանական աշխարհի մէջ կը պատկանի մարդ էակներու դասին, այլ խօսքով` իւրայատուկ հօմօ սափիէնի տարբերակի մը, իսկ արջը` անասնական աշխարհին:

Հակառակ հօմօ սափիէնի կամ աւելի ճիշդ` հօմօ իրեքթիւսի պատկանելուն, երկուքն ալ է թուրքը, չորքոտանիի խառնուածքէն երկոտանիի փոխանցման յառաջընթացը նոր միայն, վերջին մէկ քանի հազարամեակներուն աւարտած պէտք է ըլլայ, իսկ արջը անկասկածօրէն չորքոտանի է:

Արջը, մանաւանդ արջուկը կամ քոթոթը իսկապէս անուշիկ է եւ հաճելի դիտել անոր խաղալը իր մօր կամ եղբօր կամ քրոջ հետ, խլելով զիրենք դիտող երեխաներուն արծաթահունչ եւ վարակիչ քրքիջը: Խնդրոյ առարկայ թուրքի տեսակը վստահաբար կը խաղայ, բայց երբ խնդալ փորձէ, զինք դիտողները բնազդօրէն կը սոսկան իրենց վախէն, որովհետեւ կ՛անդրադառնան երկվայրկեանի մը մէջ անոր` թուրքին այլափոխման` իր ժանիքները փայլեցուցած բորենիին, ուրկէ նաեւ` վախը դիտողներուն: Իբրեւ ապացոյց` կարելի է հարց տալ, թէ որքա՞ն է քիւրտի մը արժէքը եւ դիտել զինուորականին, Էրտողանին կամ ներքին գործերու իր նախկին նախարարին հակազդեցութիւնը:

Երբ արջը մարդ կը յօշոտէ, կը գնդակահարեն, իսկ թուրքը երբ ամբողջ ժողովուրդ մը բնաջնջէ… կը վարձատրեն զայն իրեն հրամցուած Արարատով, Սուրմալույով, Կարսով, վեհանձնօրէն հրամցուած Աթաթուրքի գարշապարը լզուըրտող Լենինին ու իր համհարզին` Ստալինին կողմէ, եւ Կիլիկիան կը ստանան իբրեւ նուէր` Ֆրանսայէն:

Մեր ժողովրդական առածին իմաստութիւնը արջի մասին ամփոփուած է հետեւեալ ասացուածքով` արջը եօթը երգ ունի, եօթն ալ տանձի մասին է: Հաւանաբար որովհետեւ Հայաստանը արեւելեան կամ արեւմտեան, պատմական, կամ այժմու, ովկիանոս չունենալուն չէր կրցած փոխել այդ ասացուածքը: Բայց որովհետեւ Ալասքան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մաս կը կազմէ, եւ որովհետեւ ովկիանոսը կ՛եզերէ Ալասքան, Խաղաղականի վարդագոյն սոմոնները հազարներով գետն ի վեր կը բարձրանան իրենց ձուերը դնելու համար: Հոն` Ալասքայի մէջ արջերու եօթը երգն ալ հաւանաբար սոմոնի մասին է, որովհետեւ այդ խեղճ ու իրապէս գեղեցիկ ձուկերը երբ իրենց հրճուանքէն ջուրէն դուրս ցատկեն եւ երբ անդրադառնան սխալին, ուշ է արդէն եւ ժամանակ ալ չեն ունենար իրենց մտքերը փոխելու, իսկ արջերը` արթուն ու վարպետ ձկնորս, սքանչելիօրէն իրենց երախներով կ՛որսան սոմոնները ու կը վայելեն: Եթէ տանձենիներ կան հոն, հաւանաբար սոմոնը յափշտակելէ ետք արջերը կ՛երթան տանձ ուտելու` իրենց բերնին համը փոխելու համար: Ալասքայի կլիման նկատի առած` շատ հաւանական չէ, որ արջերը տանձի ընտրութիւնը ունին: Թուրքը, սակայն, աւելի ճիշդ ու մանաւանդ` մասնայատուկ քիմքով թուրքը, գիտէ միայն մէկ երգ: Ան մերժած է որեւէ այլ երգ սորվիլ: Եւ այդ երգը հայակերութեան մասին է: Պէտք է ըսել սակայն, որ այդ տաղանդը յարաբերաբար նոր է, բայց ժամանակի ընթացքին սովորութեան վերածուած եւ հասած` մասնագիտական արուեստի չափերու 20-րդ դարու առաջին մէկ-երկու տասնամեակներուն, ճշգրիտ ըլլալու համար` 1915-ին:

Հարիւր տարուան ժամանակաշրջանի մը մէջ արջերը իրենց սովորութիւնները չեն փոխեր: Թուրքը կը ջանայ փոխել, բայց չի յաջողիր: Հարիւր տարի անցած է, բայց տակաւին նոյն ախորժակը կը մնայ չբաւարարուած, վարժուած են հայու արեան համին ու կ՛ափսոսան կորսնցուցած ժամանակին համար: Բնազդը բայց այնքա՛ն ուժգին է եւ այնքա՛ն հմայիչ, որ իրենց  համար անկարելի է շարունակել ապրիլ առանց կրկին ու կրկին անգամ համտեսելու հայու արիւնը: Համոզուելու համար պէտք է հարցնել Հրանդ Տինքին, երիտասարդ զինուորին` Պալըքճեանին, Պուտափեշտի իր անկողնին մէջ քնացող կացնահարուած հայ սպայի պարագաներուն, եւ եթէ ախորժակ ունի մարդ, դիտել Հրանդ Տինքի մարմինը դիտապաստ ինկած իր թերթին` «Ակօս»-ին խմբագրատան առջեւ: Եւ այս բոլորէն անկախ ու դեռ թարմ` դիտել հոգեվարքի մէջ եղող երբեմնի ազգային կեանքով առոյգ ու եռացող Հալէպը:

Տարբերութիւն մը եւս: Վերջերս անգլիական մամուլէն «Տը Կարտիըն» թերթին մէջ Հելեն Թոմսըն կ՛անդրադառնար գիտական արդիւնքի մը, 22 օգոստոս 2015-ի թիւին մէջ: Նիւ Եորքի «Մաունթ Սայնայ» հիւանդանոցին մէջ գիտնականներու խումբի մը, Ռէյչըլ Եէհուտայի ղեկավարութեամբ, յայտնաբերած արդիւնքին: Խումբը ուսումնասիրած է 32 հրեայ Ողջակիզումէն վերապրած անհատներու ծինաբանական կառոյցը: Նոյն քննութիւնը կատարած են նաեւ անոնց զաւակներուն վրայ: Արդիւնքը բաղդատած են Բ. Աշխարհամարտի օրերուն Եւրոպայէն դուրս ապրող հրեայ ընտանիքներուն ծինաբանական կառոյցներուն հետ: Փորձարկութիւնը այնպիսի ձեւով ծրագրուած է, որ զաւակներուն ապացուցուած ծինական փոփոխութիւնները կը վերաբերէին Ողջակիզումի մէջէն անցած ըլլալուն միայն, այլ խօսքով` արտաքին ազդակ մը կը յառաջացնէր ժառանգական փոփոխութիւն: Գիտական խումբը իր ուշադրութիւնը կիզակէտած էր սթրեն հորմոններուն հետ առնչուող ծինի միակ շարքի մը վրայ: Այդ ծինը կը համակարգէ անհատին դիմագրաւած ահազդու կացութիւն մը չէզոքացնելու կարողութիւնը: Գիտնականները նշմարած են այդ ծինին յատուկ շարքին միջուկային թթուին վրայ եղած քիմիական ածանցները, որոնք կը բացակային բնական այն անհատներու ծիներէն, որոնք վկայած չեն Ողջակիզումը: Նոյն ածանցները նշմարած են նաեւ Ողջակիզումը վերապրած անհատներու զաւակներուն ծինին վրայ: Այլ խօսքով, հեղինակները ցոյց են տուած, թէ արտաքին ազդակ մը ծինը մղած է կառուցային փոփոխութեան ենթարկուելու: Արդ, մտմտուքի (սթրես) հորմոններու ծինը եթէ կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ եւ ժառանգական ըլլալ մէկ կամ երկու սերունդի համար, ապա հակընդէմ կացութիւնը` Ողջակիզումը յղացող եւ գործադրութիւնը որոշող, իրագործող անհատներուն ծիներէն մէկ կամ աւելի նմանատիպ փոփոխութեան եւս ենթակա՞յ են: Հաւանաբա՛ր:

Թերեւս գերմաններուն մօտ կարելի էր բացայայտել այդ փոփոխութիւնը: Թուրքիոյ մէջ, սակայն, մեր ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք, ցեղասպանական խմորումներուն դրսեւորումը կը թելադրէ առկայութիւնը նման ծինական փոփոխութեան, եւ անհաւանական չէ այդ կարելիութիւնը, երբ թուրք բանակի օսմանոֆաշիստ սպայակոյտի, ոստիկաններուն, մանաւանդ Տրապիզոնի շրջանի անհատներուն, Սամասթին, գործակիցներուն եւ իրենց ծնողներուն, ներքին նախարարին, ինչո՞ւ չէ, նաեւ Էրտողանի եւ շարք մը ընկերներու ծիներուն ուսումնասիրութիւնը ցոյց պէտք է տայ Էրտողանի սխալած ըլլալը, երբ կը յայտարարէր, թէ իր նախնիները ցեղասպանութիւն չեն գործած: Պիտի ուզէի՞ն քանի մը միլլիլիթր իրենց արիւնէն տրամադրել վերը յիշուած քննութիւնը կատարելու եւ բաղդատելու զայն Պէյրութի կամ Լոռիի կամ Պուէնոս Այրէսի մէջ ապրող ոեւէ հայ անհատի մը արեան քննութեան արդիւնքին հետ: Անկանխատեսելի արդիւնքներ դուրս կու գան եւ կրնան հաճելի չըլլալ իրենց համար: Ներքին գործոց իր նախկին նախարարի պարագային արեան քննութիւնը գիտականօրէն բաւականին հետաքրքրական արդիւնք կրնայ տալ, մանաւանդ որ ան ցոյցի մը ընթացքին կեցած էր ցուցարարի մը պարզած ցուցատախտակին տակ, իսկ ցուցատախտակը կ՛ըսէր` «Բոլորդ հայեր էք, բոլորդ փիճեր»:

Վերը եղած բաղդատականը` արջի եւ թուրքի, կրնայ երգիծական կամ չափազանցեալ թուիլ, բայց ոչինչ երգիծական կամ չափազանցուած կայ անհատի մը ծինային կառուցուածքի փոփոխութեան մէջ` իր պապերուն վայրագութեան արդիւնք:

Թուրքերը առեւանգեցին, գողցան մեր պատանի տղաքն ու աղջիկները ու  երիտասարդ հարսերը: Առեւանգեցին հազարներով, հազարներու ստիպեցին կրօնափոխ ըլլալ եւ բնական է, որ անոնց յետնորդները զերծ մնացած ըլլան ծինաբանական փոփոխութիւններէն` թուրք ծինատաշտի մաքրազտումով ու հայ ծիներու գերակայութեամբ: Այս բոլորը ո՛չ ցեղապաշտական եւ ո՛չ ալ թշնամական ախորժակներ կը հետապնդեն, այլ կը թելադրեն կարելի բացատրութիւն մը, թէ 100 տարի ետք կարգ մը թուրքեր մնացած են թուրք եւ ուրիշներ ազնուացած` շնորհիւ հայկեան իւրայատուկ ծիներուն, ամէնէն շատ ու բացառապէս ազնւութեան ծինի հաւանական առկայութեամբ:

Հայը մնացած է հայ իր տաղանդով ու իր արդար քրտինքի վաստակով ապրելուն, խուսափելով ոճիրէն: Կարգ մը թուրքեր, եւ անոնք կը թուին բազմութիւն ըլլալ, մնացած են թուրք` իրենց ոճրագործի ու կողոպտողի ախորժակներով: Էրտողանի յայտարարութիւնը եթէ պահ մը ընդունինք, թէ «իր նախնիները ցեղասպանութիւն չեն գործած», եւ ինք «պատճառ մը չունէր ներողութիւն խնդրելու հայերէն», ճիշդ է, ապա այս վերջին շրջանի, աւելի ճիշդ` անցնող չորս տարուան ընթացքին Իսլամական պետութիւն կոչուած ոճրագործ ահաբեկիչները, որոնց հովանաւորն է Էրտողան եւ իր փեսային անյագուրդ կողոպուտը սուրիական պետութեան պատկանող քարիւղին, չե՞ն թելադրեր, թէ Էրտողան ի՛նք է նաեւ աւազակապետ ու ոճրագործ: Ինքը չէ՞ պատճառը միլիոնաւոր մարդոց գաղթականներու վերածուելու նուաստութեան: Ժամանակը չէ՞ Էրտողանին առերեսուելու ինքզինքին հետ, որպէսզի հաշտօրէն իր կեանքը շարունակէ: Ու այս` ենթադրելով, թէ ինք ի վիճակի է տակաւին խղճմտանքով ապրիլ:

Ա՛յս է իրողութիւնը, զոր թուրքերը պէտք է դիմագրաւեն եւ առերեսուին անոր հետ:

Առերեսուելու ուրիշ պատմութիւն կամ հեքիաթ չկայ:

Եւ վերջապէս,

Կ՛ողջունենք բոլոր այն թուրքերը, որոնք եղան յուղարկաւորները Հրանդ Տինքին, եւ որոնց մէջ հաւանաբար կային թոռներն ու ծոռերը բոլոր այն ազնիւ թուրքերուն, որոնք 1915-ի մեր պապերուն վիշտը կիսեցին` քանի մը օրով ընկերանալով իրենց հայ դրացիներուն գաղթականութեան ճամբուն: Ապերախտ չենք ու չե՛նք մոռնար այդ բոլորը, ինչպէս չե՛նք մոռնար բնաւ, թէ թուրք պետութիւնն էր Ցեղասպանութեան, հայ ժողովուրդի բնաջնջման ծրագրին հեղինակը, եւ կը սպասենք ու սպասելով կը պահանջենք թուրք պետութենէն` հրապարակաւ ընդունելու ոճիրը ու գործնականօրէն սրբագրելու անոր հետեւանքները:

«Մենք` զաւակներն ու թոռները» ցեղասպաննուածներուն, կա՛նք ու կը պահանջենք այն, ինչ որ մերն է մեր ծնունդի իրաւունքով եւ վկայութեամբը մեր պապերու հեղուած արիւնով, որպէսզի մենք` զրահուած մեր հաւատքի վստահութեամբ, վերաշինենք մեր երկիրը, ուր հայոց եկեղեցիներու զանգերը ղօղանջեն պիտի կրկին` աւետելու համար մե՛ր պատմութեան «վարդահեղեղ» նոր այգաբացը:

smargossian@abcglobal.net

23 օգոստոս 2015
Լոս Անճելըս 

 

 

Երգչուհի Եւ Մշակոյթի Նուիրեալ Սիլվա Չիլինկիրեան

$
0
0

Silva_Tchilingirian_013016Սիլվա Չիլինկիրեան, որ ծանօթ էր իր հայկական ժողովրդական ու միջազգային երգերու ուրոյն մեկնաբանութեամբ, իր մահկանացուն կնքեց անցեալ շաբաթ, Լոս Անճելըսի մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Հասակ առած էր Լիբանանի մէջ` մշակոյթ ապրող եւ քաջալերող ընտանիքի մը մէջ: Անցած էր արուեստագէտի մը վերապահուած բոլոր հանգրուաններէն եւ գտած` իր մեկնաբանութեան իւրայատուկ ոճը: Ձայնամարզութեան եւ երաժշտական նախնական  կրթութիւնը ստացած էր Լիբանանի պետական երաժշտանոցին մէջ եւ ապա` Միացեալ Նահանգներու մէջ: Հետեւած էր թատրոնի եւ պարարուեստի դասընթացքներու` Քալիֆորնիոյ պետական համալսարանին մէջ:

Ելոյթներ ունեցած էր ուսանողական տարիներէն: Սիլվան հանդէս եկած էր Լիբանանի, Սուրիոյ, Ֆրանսայի, Աւստրալիայի եւ Ամերիկայի տարբեր քաղաքներուն մէջ: Իր բազմալեզու էսդրատային ու ժողովրդական երգերը ներկայացուած են շարք մը խտասալիկներով:

Սիլվային համար երաժշտութիւնը իր կեանքն էր:  Մարդկային զգացումները, տրամադրութիւնները, ինչպէս նաեւ կեանքն ու բնութիւնը կը կենդանանային իր մեկնաբանութեան հմայիչ արտայայտութիւններով, ինչպէս իր ելոյթներն ու խտասալիկները կը վկայեն:

Գրող եւ բանաստեղծ Պէպօ Սիմոնեանը Սիլվային երգարուեստը այսպէս բնութագրած էր. «Խօսք, երաժշտութիւն եւ երգային մեկնաբանութիւն հաւասարազօր կշռոյթով կը յատկանշուին եւ ունկնդիրը կ’առնեն իրենց թախծօրօր թաւալումին մէջ:  Քնարական թախիծով երգուած երգերը վայելք են»:

Անսակարկ սիրով, գուրգուրանքով ու անսահման բարութեամբ ապրեցաւ իր կեանքը, բայց մնաց միշտ քաջ ու տոկուն` բոլոր մարտահրաւէրներուն դիմաց: Իր անհուն նուիրումով հասաւ բոլորին կարիքներուն` իր անմիջական ընտանիքէն սկսեալ մինչեւ գաղութի շատ մը մշակութային ու ընկերային պէտքերուն, բայց մանաւանդ` երիտասարդութեան ու մատղաշ սերունդին:

Ինչպէս իր «Առաջին սէր» խտասալիկին մէջ տեղ գտած Աւետիք Իսահակեանի բանաստեղծութեան վրայ յօրինուած «Ժայռի նման» երգին մէջ Սիլվան ապրումով կ՛ըսէր` «Կենսական ծովի յոյզերի միջին / Ես ժայռի նման կանգնած եմ ամուր»: Իր ժայռանման հաւատքով, լաւատեսութեամբ ու առատաձեռնութեամբ ամէնուն բաշխեց, ինչ որ կեանքը պարգեւած էր իրեն:

«Յաւիտենական յիշատակն արդարոց` օրհնութեամբ եղիցի»: Որքան այս հնաւանդ խօսքերը պատշաճ են Սիլվային:

 

Անսակարկ Նուիրեալը Եւ Վեհոգի Հայը. Յակոբ Սրկ. Պոյաճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

$
0
0

Hagop-Boyadjian_013016«Եկեղեցին հայկական մէն մի քարին տակ գետնի
Դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի.
Եկեղեցին հայկական հայ հոգիին եւ մարմնոյն
Զըրահանդերձ է փայլուն` մինչ իր խաչերն են դաշոյն
Եւ զանգակներն են բոմբիւ՜ն, եւ երգերն է միշտ յաղթութիւն…»

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ

Ծառայութիւնը առհասարակ մարդկային ընկերութեան մէջ բնորոշ արժէք է եւ գնահատելի երեւոյթ: Իսկ քրիստոնէական վարդապետութեան եւ ուսուցումներուն մէջ կը նկատուի գերագոյն զոհաբերութիւն: Մարդկային պատմութեան մէջ Աստուածորդին` Քրիստոսը յեղափոխեց մարդոց կեանքը եւ մտայնութիւնը, երբ Իր անձին օրինակով ծառայութեան գործնական տիպար դարձաւ քրիստոնեայ աշխարհին եւ հետեւորդներուն: Քրիստոս ուզեց անուղղակի պատգամ փոխանցել բոլորին, թէ ծառայութիւնը անհրաժեշտութիւն է մեր կեանքին մէջ, որ` պէտք է կատարուի սիրով եւ առանց որեւէ ակնկալութեան: Ի զուր չէ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2016 տարին հռչակեց «Ծառայութեան տարի»` լուսարձակի տակ առնելու համար անոր դերը քրիստոնեայ անհատի կեանքին մէջ: Սակայն ծառայութիւնը չի սահմանափակուիր սոսկ եկեղեցական ծառայութեան սահմաններուն մէջ, այլ կ՛ընդարձակուի նաեւ մարդկային առօրեայ յարաբերութեան մէջ:

Քառասուն օրեր առաջ Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին գուժեց իր բազմավաստակ սարկաւագին եւ դպրաց դասի տիպար անդամին` Յակոբ սրկ. Պոյաճեանի անժամանակ մահը:

Ան ծնած էր 1963-ին եւ մեծցած` հայաբոյր ու աստուածավախ ընտանիքի մը յարկին տակ: Մանուկ տարիքէն իր մէջ ունեցած Աստուծոյ եւ ազգին հանդէպ ունեցած ծառայական սէրը առաջնորդած են իր քայլերը Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի: Ան հաւատարմօրէն աւելի քան քառասուն տարի հայ եկեղեցւոյ խորանին սպասարկած է որպէս դպիր, կիսասարկաւագ:

25 դեկտեմբեր 2012-ին` Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի տօնին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ սարկաւագ ձեռնադրուած է ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ` Գեղամ արք. Խաչերեանի:

Յակոբ սրկ. Պոյաճեան աշխուժ մասնակցութիւն բերած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» եւ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի «Աւետաբեր» երգչախումբերուն` ամէնուրեք ծառայութեան տիպար օրինակ հանդիսանալով իր շրջապատին: Երգչախումբերու խմբավարներուն իսկ վկայութեամբ, ան մեծ հաւատք եւ համոզում ունէր որեւէ ծրագրի յաջողութեան եւ այս ձեւով կը խրախուսէր բոլորը:

Ան ընտանիք կազմեց Սօսի Սոլաքեանին հետ եւ բախտաւորուեցաւ երկու մանչերով: Յակոբին հոգին ալեկոծուեցաւ, երբ մէկուկէս տարի առաջ անակնկալ կերպով կորսնցուց իր երէց եղբայրը` Պօղոս սրկ. Պոյաճեանը:

Յակոբին կեանքին բնորոշ յատկանիշներն էին` համակ սէր, յարգանք, ընկերասիրութիւն, նուիրեալ ծառայութիւն եւ գործին հանդէպ հաւատք:

Ափսո՜ս, որ անողոք հիւանդութիւնը անակնկալ կերպով բոյն դրաւ կեանքով եռուն այս երիտասարդին մէջ, կարճ ժամանակուան մէջ կլանեց զինք ու խլեց իր սիրասուն ընտանիքէն, ընկերներէն եւ իր շրջապատէն:

Յակոբին յուղարկաւորութեան ներկայ ստուար բազմութիւնը լաւագոյնս կ՛արտացոլացնէր իր ունեցած մարդկային արժէքները եւ ծառայական կեանքը:

Իր կեանքին կենդանի օրինակը կը մնայ մեզի յուշ եւ յիշատակ` կեանքի այս թոհուբոհին մէջ շարունակելու մեր կեանքը եւ զարդարելու ու արժեւորելու զայն ծառայութեամբ:

Սիրելի՛ Յակոբ, մահուանդ քառասունքին առիթով այս վկայութիւնը անուշ խունկ ու մշտական աղօթք դառնայ թարմ հողակոյտիդ:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

ԿԱՐՕ ՍՐԿ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

Շնորհաւորենք Ու Խոնարհինք

$
0
0

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Hayoc-banaki-or_013016

Շնորհաւոր տօնդ, շնորհաւոր ծնունդդ` Հայո՛ց Բանակ: Շնորհաւոր տօնդ` Հայոց Բանակի զինուո՛ր:

Խոնարհում ու խնկարկում` Հայոց Բանակի նահատակ զինուորներու յիշատակին:

Այս նուիրական օրուան առթիւ մեր բաժինը չի կրնար բաւարարուիլ շնորհաւորական ու յիշատակի խօսքերով: Չենք կրնար կենացներով բանակ պահել, չենք կրնար ողջոյններով զինուորի կորով բարձրացնել:

Այո՛, մեր զինուորը կրնայ կարիքը չունենալ մեր զօրակցութեան, մեր նեցուկին, մեր բարոյական ու նիւթական աջակցութեան® Հայրենի հողի պաշտպանութեան անոր ուխտը շա՛տ աւելի գիտակից խորքերէ կու գայ, ու կարիքը չունի որեւէ այլ ներշնչման:

Խնդիրը մե՛րն է` կողքի կանգնածներուս, յատկապէս` սփիւռքի մէջ ապրողներուս:

Ինչպէ՞ս կրնանք Հայոց Բանակին հանդէպ մեր ունեցած սէրը, յարգանքն ու ակնածանքը վերածել նոյն բանակի ուժականութիւնը բարձրացնող ազդակի: Ո՞վ պիտի նախաձեռնէ այդ լուծումը գտնելու աշխատանքին:

Կրնա՞յ ըլլալ, որ Արցախի ազատագրութեան ոգեւորութիւնը խամրած է մեր մէջ: Ո՛չ:

Հայաստանի ու Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան ընթացքին մեր զինուորներու հերոսական ամէնօրեայ խիզախումները բաւարար հպարտութիւն չե՞ն ներշնչեր մեզի:

Անշո՛ւշտ կը ներշնչեն:

Մեր նահատակ զինուորներու ծնողներուն զոհաբերութիւնը երախտագիտական ու գնահատման զգացումներով չե՞ն լեցներ մեր սիրտերը: Այո՛, կը լեցնեն:

Ամէն օր, տագնապով, սահմանը պաշտպանող զաւակներուն մասին լուր սպասող մայրերուն ու հայրերուն անձկութեան հանդէպ կրնա՞նք անտարբեր ըլլալ: Ո՛չ, չենք կրնար:

Իրենց քրտինքով ու աշխատանքով շահած գումարէն պետական պիւտճէին ճամբով Հայոց Բանակին զէնք, զինամթերք, սնունդ ու վառելանիւթ մատակարարող Հայաստանի ու Արցախի քաղաքացիներու զոհաբերութիւնը կրնա՞նք անտեսել: Ո՛չ, չենք կրնար:

Ուրեմն, մենք ի՞նչ կրնանք ընել: Մեր մասնակցութիւնը այս սրբազան գործին ինչպէ՞ս պիտի ծրագրուի, ինչպէ՞ս պիտի գործադրուի:

Չենք կրնար բաւարարուիլ Արցախի վիճակահանութեան տոմս գնելով:

Չենք կրնար բաւարարուիլ «Հայաստան» հիմնադրամին տարեկան տուրք վճարելով:

Չենք կրնար բաւարարուիլ Հայաստանի ու Արցախի մէջ կամաւոր աշխատանքով կամ բարեգործական ծրագիրի մը աջակցելով:

Ուղղակի՛ բանակին, ե՛ս եւ դո՛ւն ինչպէ՞ս պիտի զօրակցինք:

 

 

 

Խմբագրական «Գանձասար»-ի –Յունուար Դ. Մեր Գոյութեան Հիմքը Հայոց Բանակն Է

$
0
0

panag_013016

28 յունուարը հայոց բանակին տօնն է:

Հայ ժողովուրդը պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն, ստեղծելով հանդերձ հարուստ մշակոյթ, միշտ կարեւոր ու առաջնահերթ համարած է հայրենի հողին պաշտպանութիւնն ու սերունդներուն ռազմահայրենասիրական դաստիարակութիւնը: Մեր ժողովուրդի պատմութեան յաղթական էջերը արձանագրուած են հայ սպարապետին, հայ մարտիկին, հայ ֆետայիին, հայ կամաւորին, իսկ անկախ պետականութեան կերտումով` հայոց բանակին շնորհիւ:

Հայոց բանակի զինուորը իր մարտունակութեամբ գերազանցած է զինուորական հսկայ կարողութիւններու տէր թշնամի բանակն անգամ եւ յաղթանակած անհաւասար կռուի մէջ` շնորհիւ իր հայրենասիրութեան, արիութեան ու մանաւանդ մեր ժողովուրդի ապագային ու արդար դատին նկատմամբ կուռ հաւատքին:

Անկախ Հայաստանի ու Արցախի սահմանները անառիկ պահող հայոց բանակն է մեր հայրենիքի պաշտպանութեան, ժողովուրդի անվտանգութեան ու բարօրութեան, պետականութեան յառաջընթացի հիմնական երաշխիքը: Պետութիւն եւ բանակ հասկացողութիւնները անքակտելիօրէն կապուած են իրար ու դժուար թէ մէկը գոյատեւէ առանց միւսին:

Ուստի կը խոնարհինք հայոց բանակի  զինուորին դիմաց, ու ո՛չ միայն զինուորին, այլ նաեւ առիւծածին հայ մայրերուն, հայրենի մեր ժողովուրդին, որոնք ծնունդ կու տան քաջարի սերունդներու ու զանոնք կը նուիրաբերեն հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին:

Հպարտութեամբ կ՛արձանագրենք, որ ազգային շունչով տոգորուած հայոց բանակը այսօր տարածաշրջանի ամէնէն մարտունակ եւ  արհեստավարժ բանակն է` մեր ազգային հպարտութիւնը:

Սուրիահայերս, ապրելով սուրիական պատերազմի ճիրաններուն մէջ ու տեսնելով բանակցութիւններէն, երկխօսութիւններէն անդին սուրիական քաջարի բանակին մարտնչումները, առաւել եւս կը հաւատանք, որ երկրի ամրակուռ ու գաղափարապաշտ բանա՛կն է միայն, որ իր սուրբ արեամբ կը պաշտպանէ հայրենի հողը, թաւալգլոր դիւանագէտները կը ստիպէ անսալ ժողովուրդին կամքին ու ձախողութեան կը մատնէ քաղաքական բեմերու վրայ իր հայրենիքին դէմ հիւսուող անհամար դաւերը:

Մեր հայրենիքի սահմաններուն մէջ եւս կիսապատերազմական վիճակ կը տիրէ, ազերիական յարաճուն դաւերուն, թրքական շրջափակման յարուցած բազում մարտահրաւէրներուն դիմաց հայկական ճակատը կը պաշտպանէ նժդեհեան ուխտով տոգորուած հայոց ամրակուռ բանակը:

Այսօր, որպէս սփիւռքահայեր ու մանաւանդ հնգամեայ դաժանագոյն պատերազմը ապրած սուրիահայեր` ներշնչուելով կը խոնարհինք հայոց բանակին դիմաց, որ արիութեամբ կը նուաճէ հայ ժողովուրդին ապրելու իրաւունքը, որպէսզի հայ մարդը գոյատեւէ ու ստեղծագործէ ազատ ու անկախ երկնքի տակ, որպէսզի հայ մանուկը հասակ նետէ խաղաղ միջավայրի մէջ:

Հայոց բանակի ձեռքբերումներուն դիմաց խոնարհելու կողքին կոչուած ենք սփիւռքահայ մեր երիտասարդութեան գիտակցութեան մէջ  եւս վառ պահելու հայ զինուորին խիզախութեամբ  հայրենիքին ծառայելու գիտակցութիւնը, որպէսզի հայրենասիրութիւնը չսահմանափակուի հայրենիքին սոսկ նիւթապէս եւ բարոյապէս  նեցուկ կանգնելու յանձնառութեամբ, Հայաստանի քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու հրճուանքով, այլեւ ամրապնդուի այդ քաղաքացիութեան յարիր նուիրաբերումով, հայոց բանակին ծառայելու յանձնառութեամբ` հայրենի հողին վրայ, հայ զինուորին հետ կողք-կողքի:

Որովհետեւ կը հաւատանք, որ հայոց բանակը ազգային գերագոյն արժէք  ըլլալով հանդերձ, մեր հայրենասիրութեան, անկախ ու միացեալ հայրենիքի մեր տեսլականին, մեր  յոյզերուն մարմնացումն է:

Զ. Պ.

Խմբագրական «Դրօշակ»-ի. Գործընթացի Մէ՞ջ, Թէ՞ Գործընթացից Դուրս

$
0
0

khmbagrakan-troshag

2016 թուականի յունուարի 20-ին, «Ազատութիւն» ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքում Հրանդ Մարգարեանը յայտնեց, որ բանակցութիւններ են տեղի ունեցել Հայաստանի նախագահ եւ Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Սերժ Սարգսեանի հետ: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչը յայտնեց համախմբական կառավարութիւն կազմելու հաւանականութեան մասին` միաժամանակ նշելով, որ հաւանական համագործակցութեան թէ՛ ձեւաչափը եւ թէ՛ ժամկէտները վերջնականօրէն ճշդուած չեն: Բառացիօրէն ասուել է հետեւեալը. «Մենք մինչեւ վերջին հանրաքուէն, երբ մեզ ասում էին, երդւում էինք, որ ոչ մի խօսակցութիւն չկայ մեր եւ իշխանութեան միջեւ համախմբական կառավարութեան հարցով: Մենք այդ միշտ ասել ենք: Մինչեւ այս պահը, նման որեւէ բան մեր մէջ տեղի չի ունեցել եւ չի ունենում:

Այսօր պիտի ասեմ, որ այսօր տեղի է ունենում, եւ ես թաքցնելու խնդիր չունեմ: Հարցը նրանում է, որ, այո՛, մենք պատասխանատուութեամբ ենք գնացել նոր սահմանադրութեան ընդունմանը: Դաշնակցութիւնը մեծ բեռ է վերցրել իր վրայ, Դաշնակցութիւնը մեծ պատասխանատուութիւն է վերցրել` համոզումով, հաւատքով գնալով սահմանադրական փոփոխութիւններին: Եւ այսօր մենք չենք կարող պատասխանատուութիւն չկրել այդ առումով, այդ սահմանադրութիւնն իրագործելու առումով, այդ սահմանադրութիւնը կեանքի վերածելու իմաստով: Դրա համար մենք համաձայն ենք համագործակցութեան»: «Առայժմ դժուար է ասել, թէ իշխանութեան հետ համագործակցութիւնն ինչ ձեւ կը ստանայ, որովհետեւ դեռ գտնւում ենք բանակցութիւնների նախնական փուլում»:

Ըստ հարցազրոյցը վարող լրագրողի` «ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նաեւ դժուարացաւ նշել` իշխող համախմբականին մաս են կազմելու 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններից առա՞ջ, թէ՞ յետոյ. «Ես դեռ չեմ կարող ասել, որովհետեւ իրականութեան մէջ իրական համախմբական կարող է լինել խորհրդարանական ընտրութիւնից յետոյ: Որովհետեւ կուսակցութիւնները խորհրդարանի մէջ մեծամասնութիւն ունենալու համար  իրար պէտք ունենան: Դա է իրական համախմբականը»:

Այս հարցազրոյցը կարճ ժամանակ անց դարձաւ տեղեկատուական դաշտի ամենաշրջանառուող լուրը` որոշ դէպքերում ներկայացուելով որպէս զգայացունցի հաւասար իրադարձութիւն:

Այն պարագայում, երբ նոյն լրատուամիջոցները, վերլուծաբաններն ու քաղաքական տարբեր գործիչներ նախորդող ամիսներին եւ նոյնիսկ տարիներին շարունակաբար նման կանխագուշակումներ էին կատարում:

Ինչպէս ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցչի բացատրութիւնից է հետեւում` մինչ այժմ նման բանակցութիւններ չեն եղել, չնայած տարբեր խօսակցութիւններին, սակայն այժմ երբ սկսուել են համապատասխան բանակցութիւնները, անհրաժեշտ է համարել այս մասին իրազեկել հանրութեանը:

Ակնյայտ է, որ զգայացունցի արժէք ունեցող երեւոյթ մէջտեղում չկայ, իսկ ենթադրութիւնների ու կանխագուշակումների իրաւունքը, եթէ վերապահուած է լրագրողին ու վերլուծաբանին, ապա այդ գայթակղութիւնից պէտք է զերծ մնայ քաղաքական գործիչը:

Նոյնքանով թափանցիկ են նաեւ գործընթացները, որոնք յանգեցրել են ներքաղաքական նման հաւանականութեանը:

Դաշնակցութիւնը դեռեւս 2012 թուականին իշխանութիւններին ներկայացրել է 7 կէտից բաղկացած բարեփոխումների պահանջ, որոնց հիմնական մէկ մասը որոշակի ժամկէտների մէջ կ՛իրականանան, իսկ միւս մասը մշակման եւ իրականացման հունաւորում է ստացել նոյն` սահմանադրական բարեփոխումների շնորհիւ:

Երբ այս ամէնը տարիներ շարունակ հանրութեան աչքի առաջ է տեղի ունեցել, երբ կարդալու ու դիտելու կարողութիւն ունեցող ամէն մարդ կարող էր հետեւել, ինչպէս 25 տարի շարունակ Դաշնակցութեան հետապնդած համակարգային եւ այլ փոփոխութիւնների պահանջները միս ու արիւն են ստանում, պէտք էր եզրակացնել, որ որեւէ արտառոց, գաղտնի, հակատրամաբանական բան տեղի չի ունեցել:

Հիմնական խնդիրը, որ մեզանում մշտապէս զգայնութեան տեղիք է տալիս, Հայաստանի օրուայ իշխանութիւնների հետ համագործակցելու հարցն է: Այս հարցը երբեմն այն աստիճան է շահարկւում ու հասցւում ծայրայեղութեան, որ օրինակ` հանրապետութեան նախագահին պահանջներ ներկայացնող ընդդիմադիրները չեն ցանկանում հանդիպել նոյն նախագահի հետ, ներկայացնելու համար, թէ ի՛նչ է իրենց ուզածը եւ կամ լսելու` որքանով է նախագահը պատրաստ բաւարարելու ընդդիմութեան պահանջը:

Իսկ հարցերն, ինչպէս յայտնի է, ընդհանրապէս լուծւում են երկխօսութեան միջոցով, եւ եթէ չկայ երկխօսութիւն, չի կարող լինել նաեւ լուծում:

Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան օրերին ընդդիմութիւնը յայտարարուած էր թշնամի եւ գտնւում էր կարծես անհաղորդ պատնէշի միւս կողմում: Հետեւանքն այն էր, որ նոյն անհանդուրժողութեան ջրբաժանը պառակտել էր նաեւ հասարակութեանը: Իշխանութիւնը դարձել էր ինքնագլուխ, ընդդիմութիւնը անզիջում, արդիւնքում պետականութեան կայացման պատմական պահին հնարաւորութիւնների ցաւալի կորուստներ ունեցաւ երկիրը:

Երբ ընդդիմութիւնը պայքարում է ընդդիմութեան դէմ, փորձում է ողջ այս դաշտին թելադրել սեփական կանոնները եւ իշխանութեան առջեւ հանդէս է գալիս միայն հրաժարականի պահանջով, կարելի է մտածել` նա աւելի շատ ինքն իր օգտի՞ն է գործում, թէ՞ օգուտ է տալիս իշխանութեանը: Որովհետեւ նա նմանւում է մեծ տան մէջ իր սենեակում կամաւորապէս փակուած մէկին, ով հնարաւորութիւն է տալիս դիմացինին այդ տան մէջ հանգիստ զգալ իրեն եւ տնօրինել ուզածի պէս: Առնուազն այդ է վկայում մեր երկրի վերջին տաս-տասնհինգ տարիների իրականութիւնը: Պատահական չէ, որ մաքսիմալ պահանջների կոչով հրապարակներ դուրս եկող ընդդիմութեանը այլեւս միանում է խիստ նուազ բազմութիւն: Հարիւր հազարաւոր միւս դժգոհները տարակուսանքի մէջ մնում են տանը` չհասկանալով, որ եթէ ընդդիմութիւնն իր ծրագիրն իրականացնելու հնարաւորութիւն ակնյայտօրէն չունի, այդ դէպքում ի՞նչ նպատակով է հերթական լարուածութեան պահին կրկին ու կրկին նոյն կարգախօսերով գրաւում հրապարակը:

Իրականում երկխօսութիւններն ու համագործակցութիւնները ամօթալի են, եթէ կողմերից մէկը կամ մի քանիսը կորցնում են սեփական ինքնուրոյնութիւնը եւ դառնում են ուրիշի կամակատարը: Իսկ սեփական դէմքն ու ինքնուրոյնութիւնը կարելի է կորցնել նաեւ առանց համագործակցութեան ու երկխօսութեան կամ դրանք անելով ստուերում եւ կամ անուղղակիօրէն:

Երբ 2008 թուականին Հայաստանի իշխանութիւնները անակնկալ ստորագրեցին հայ-թուրքական արձանագրութիւնները Դաշնակցութիւնը դա համարեց կարմիր գիծ իր համար եւ դուրս եկաւ իշխող համախմբական կառավարութիւնից: Դաշնակցութիւնը կազմակերպեց լայն հակաքարոզչութիւն` ցոյցեր ու հացադուլներ, ինչպէս եւ «Ոչ-ի» լայն շարժում ծաւալեց հայկական գաղութներով մէկ: Միաժամանակ Դաշնակցութիւնը վերջնականօրէն չշրխկացրեց դռները, այլ հանդէս եկաւ նախագահին ուղղուած «Նախագա՛հ, մի՛ զիջիր» պահանջով, շարունակեց նոյն պահանջներով յարաբերուել իշխանութեան տարբեր օղակների ու ներկայացուցիչների, ինչպէս եւ Սահմանադրական դատարանի հետ: Դաշնակցութեան ոչ վերջնագրային կեցուածքը հնարաւորութիւն տուեց երկրի նախագահին` շրջագայութեան մեկնելու սփիւռքեան հայահոծ գաղութներով, ուրիշների կողքին նոյն Դաշնակցութեան անդամների եւ կուսակցութեան համակիր շրջանակների հետ քննարկելու համար խնդիրը:

Հետագայում, ինչպէս յայտնի է, գործընթացը կանգ առաւ, ինչին նպաստեց մասնաւորապէս Սահմանադրական դատարանի կայացրած վճիռը, որով հայկական կողմի համար իրաւականօրէն սահմանափակւում էին երբեւէ ոչ հայանպաստ զիջումների գնալու հնարաւորութիւնները:

Կարելի է նաեւ ասել, որ սահմանադրական ներկայ բարեփոխումները հազիւ թէ այս տեսքով ընդունուէին, եթէ չլինէր Դաշնակցութեան ու Հանրապետական կուսակցութեան միջեւ մի քանի տարի տեւած համատեղ աշխատանքը: Ասել, որ բոլոր խնդիրներն արդէն լուծուած են, ի հարկէ ճիշդ չէ: Յայտնի ասոյթի համաձայն, սատանան մանրամասների մէջ է, եւ եթէ սահմանադրական բարեփոխումների ոգուց բխող համապատասխան օրէնքներ չընդունուեն եւ օրէնքներում փոփոխութիւններ չկատարուեն, ապա առկայ վիճակի համեմատութեամբ շատ բան չի փոխուի: Առաջիկայ ամիսներն ու տարիները այս առումով կարեւոր ու պատասխանատու ժամանակահատուած են: Եթէ որեւէ քաղաքական ուժ պատասխանատուութիւնից չի վախենում, չի վախենում իշխանութեան հետ համագործակցելու մեղադրանքներից, պէտք է ասելիքն ասի այս հարցում:

Մասնաւորապէս այսօրուայ կարեւորագոյն խնդիրներից է ընտրական նոր օրէնսգրքի մշակումն ու ընդունումը: Կարելի է վստահօրէն նշել, որ նախնական քննարկումների փուլում գտնուող նախագիծը լայն հնարաւորութիւններ է ստեղծում մեր երկրում, իրական մրցակցութեան ճանապարհով փոփոխութիւնների հասնելու համար: Մեղմ ասած` անհասկանալի պէտք է լինի այն ընդդիմադիր ուժերի պահուածքը, ովքեր սեփական իսկ շահի հետապնդման նախանձախնդրութեամբ պէտք չէ ներգրաւուեն տուեալ ձեռնարկման մէջ: Ի դէպ, խորհրդարանական ընդդիմադիր ուժերի եւ այդ ուժերի ներկայացուցիչների զգալի հատուածը վերջին շրջանում հակուածութիւն է դրսեւորել խնդիրները քննարկելու երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ, եթէ անգամ ունեցել է սկզբունքային անհամաձայնութիւններ:

Քաղաքական նեղմիտ հաշուարկով, ընտրութիւններից մէկուկէս տարի առաջ, ձեռնտու է թւում պահպանելը իշխանութեան նկատմամբ թունդ անհանդուրժողութեան կեցուածքը եւ շարունակել ծածանել հրատապ իշխանափոխութեան կարգախօսը: Եթէ, սակայն, նկատի ենք ունենում, որ նոյն ընդդիմութիւնը աւելի շատ շահելու է հէնց ընտրական օրէնսգրքի փոփոխութիւնից, եթէ նկատի ենք ունենում, որ ընդդիմութիւնն ու ժողովուրդը աւելի շատ շահելու են դատական համակարգի անկախութեանն ուղղուած բարեփոխումներից, շահելու են ընդդիմութեան իրաւունքների ընդլայնման, վերահսկողական լծակների բաշխման, մարդու իրաւունքների ընդլայնման իրաւական ամրագրումներից, նման պարագայում գործուն դերակատարութիւն չստանձնելը հաւասարազօր է պատասխանատուութիւնից խուսափելուն:

Այս դէպքում մեր նպատակը ընդդիմութեան անելիքը ճշդելը չէ, այլ` փաստարկելը, թէ ինչո՛վ է հիմնաւորուած գալիք տարի-տարիուկէս ժամանակահատուածում իշխանութեան հետ, նպատակայարմար ձեւաչափով, Դաշնակցութեան համագործակցութիւնը:

Դաշնակցութիւնը խուսափելով անիրատեսական հակադրութիւնների անպտուղ դրսեւորումներից` վերջին տարիներին գերադասեց, կողքից հայհոյելու փոխարէն, թեւքերը ծալած, սեփական թղթապանակով մխրճուել գործընթացների մէջ: Դա իրական ազգային ուժերի պարտաւորութիւնն է, երբ վճռւում են երկրի ապագան կերտելու խնդիրները: Այլապէս քաղաքական ուժը, սեփական երկրում, կարող է վերածուել կեանքի ընթացքին կողքից հետեւող ջղագրգիռ ու մաղձոտ դիտորդի:

22 յունուարի 2016


Տեսակէտ. Վարուելակերպի Սրբագրութիւն

$
0
0

ՏՕՆԻԿ Տ

aram_012916

«1918-ի ամրան վերջին ու խռովայոյզ օրերն էին: […] Բոլորի հայեացքը դէպի այն տունն էր ուղղուած, ուր օր ու գիշեր տքնում էր Արամը, փրկութեան ելք փնտռելով հայկական ահաւոր դժոխքից»: («Արամի Կեանքից», Վ. Նաւասարդեան)

29 յունուարին ամբողջացաւ Հայաստանի Ա. անկախ հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի մահուան 97-ամեակը: 28 յունուարին Հայաստանի մէջ նշուեցաւ «Հայոց բանակի օր»-ը: Երկու տարբեր առիթներ, որոնք բնաւ չառնչուեցան, մանաւանդ Հայաստանի մէջ: Առիթները իրար կապելու եւ այդ մասին երկար գրելու մտադրութիւն չունինք: Անտեսելով բնութիւնն ու տրամաբանութիւնը, ունինք մէկ ըսելիք` 28 յունուարը պիտի չըլլար, եթէ չըլլար 29 յունուարի յիշատակութեան պատճառը յառաջացնող մարդը:

Նախապէս զանազան յօդուածներով անդրադարձ կատարուած է Արամ Մանուկեանի տան անխնամ եւ լքուած վիճակին: Զանազան յօդուածներու անդրադարձով հանդերձ, ո՛չ մէկ հակազդեցութիւն նկատուեցաւ, բացի «ֆէյսպուք»-ի էջերով կարգ մը անհատներու դժգոհութիւններէն, որոնք կը դատապարտէին Հայաստանի Ա. անկախ Հանրապետութեան հիմնադիրի տան հանդէպ ցուցաբերուած կեցուածքը` յատկապէս Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ:

Եթէ ժամանակի եւ պայմաններու բերումով երկրին իշխանութիւնները իրենց գոյութեան պատճառը անտեսած են, նոյն արդարացումները պէտք չէ ունենայ այդ ժամանակահատուածի եւ բոլոր ժամանակներու կազմակերպութիւնը` իր աւանդով, սովորութիւններով, կազմակերպական եւ պատմական արժէքներով` լքելու համար մշակութային եւ պատմական արժէք ներկայացնող Արամ Մանուկեանի տունն ու գերեզմանը:

Բոլոր ամեակներէն, սահմանադրութիւններէն, քաղաքական գործընթացներէն,  կառավարութիւններէն, ընտրութիւններէն, պատգամաւորներէն եւ քննադատութիւններէն կարեւոր արժէք փրկելու խնդիր գոյութիւն ունի այստեղ: Եթէ պատմութեան, մօտիկ պատմութեան արժէքը փրկելու փորձ չենք կատարեր, եթէ շարունակենք շուքի մէջ պահել, «արժեզրկել», լքել ներկայ հանրապետութեան հիմքը` մնացեալը անիմաստ կը դառնայ: Ներքաղաքական իրադարձութիւններ, տօնախմբութիւններ, ամեակներ, նշումներ… բոլորը անիմաստ պիտի դառնան, եթէ անցեալը անարժէք է ու լքուած: Եթէ միամիտ եւ մակերեսային բաղդատութիւն մը ընենք Թուրքիոյ Աթաթուրքին եւ Մանուկեանին միջեւ, կը գտնէք երկու պետութիւններուն, իւրաքանչիւրի` իր արժէքի յիշատակին հանդէպ ցուցաբերած վարմունքին տարբերութիւնները:

Որպէսզի գալիք «խռովայոյզ  օրերուն» մեր հայեացքը դէպի «տուն մը», կամ գերեզման մը ուղղելու հասցէ ունենանք, նոր հասցէի լաւագոյն հիմքը Արամ Մանուկեանի յիշատակին հանդէպ վարուելակերպի սրբագրութիւնն է:

 

 

«Մանդիլիոն»-ի Մասին

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ԿԲԷԵԱՆ

The-Mandylion_020116Պատմաբանները դեռ կը վիճեն, գրականագէտները կ՛ուսումնասիրեն կամ կալարեն ու մի բան կը գրեն Վահան Յովհաննիսեանի յիշատակի ակնածանքից դրդուած, բայց որ «Մանդիլիոն»-ն արդէն մտաւ մեր կենցաղ, միանշանակ է: Նախ` մտաւ ռուսերէն, ու վստահ եմ, որ հատուկենտ մարդիկ կարդացին, ապա երբ երկրորդ անգամ հայատառ յայտնուեց մեր կեանքում, ընթերցողների քանակը վստահաբար մեծացաւ:

Վէպ, յուշագրութիւն, տեթեքթիւ, արկածային գրականութիւն… թէ ի՞նչ է «Մանդիլիոն»-ը գրականագէտները թող ասեն: Բայց որ «Մանդիլիոն»-ը կարող է դառնալ նոր սերնդի  կողմնացոյց` ազգային ինքնութեան կողմնորոշման հարցում, միանշանակ է:

«Մանդիլիոն»-ը յաւակնում է դառնալ նոր սերնդի մանիֆեստը: Մօտ անցեալում մի ողջ սերնդի համար մանիֆեստ էր «Ռանչպարների կանչը»: Ռանչպարների կանչն էր նաեւ, որ  հարիւրաւոր, եթէ ոչ` աւելի, ազգային ինքնութիւնն ու հպարտութիւնը հաստատակամօրէն ունեցող սերնդին նախ հաւաքեց Թատերական հրապարակում, ապա ճանապարհեց Երասխաւան, այնտեղից էլ Արցախ:

Ազգային ինքնութեան խնդիրը ընդհանուր ջերմացումից, iOS թէ android, ԵԱՏՄ թէ Եւրոմիութիւն առօրէական, երկարաժամկէտ, թէ կարճաժամկէտ խնդիրներից ոչ պակաս կարեւոր խնդիր է յատկապէս սփիւռքում: Սփիւռք, որի կառուցուածքը մենք ինքներս գոնէ նախնական ճանաչողական մակարդակում չենք էլ մարսել: «Մանդիլիոն»-ը յոյս է տալիս, որ այն կարդացած տասը հայ (կամ խառնածին) պատանուց եօթը կը վարակուեն ազգայինով, դաշնակցական ռոմանթիզմով, (դաշնակցական ռոմանթիզմը չշփոթել ՀՅԴ կուսակցութեան մերօրեայ ընկալման հետ), հայի ինքնութեան որոնման ցմահ հիւանդութեամբ, հիւանդութիւն, որը, միգուցէ, մեր տեսակի գոյութեան պահապանն է,  հիւանդութիւն, որի սպիացած ու բթացած վէրքին Վահան Յովհաննիսեանը շիկացած Մանդիլիոն է դնում:

Յ. Գ. Իսկ որ «Մանդիլիոն»-ի սեղմագիրը յայտնուի դպրոցական պարտադիր ծրագրում, մենք կ՛ապրենք աւելի ապահով Հայաստանում:

Վահան Յովհաննիսեանի «Մանդիլիոն» Վէպի Կապակցութեամբ

$
0
0

 

Լուսանկարը` ՆՈՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆԻ

Լուսանկարը` ՆՈՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆԻ

ՌՈՒԲԻՆԱ ՓԻՐՈՒՄԵԱՆ

Եթէ մտածում էք, որ այստեղ ձեզ պիտի պատմեմ Վահան Յովհաննիսեանի «Մանդիլիոն» վէպը, 486 էջ, ո՛չ, դա իմ ոճը չէ: Ես պիտի փորձեմ քննարկել վէպը եւ եթէ կարողանամ ձեր մէջ արթնացնել ցանկութիւնը, մղումը վէպը կարդալու, ինքներդ մտնելու այդ 1980 տարեկան գաղտնիքը առեղծանելու խճճոցի մէջ, ուրեմն յաջողել եմ:

Վէպը սկսում է մի ոչ պատահական եւ արդէն կասկածելի երեւացող մեքենայի արկածից կամ ինչպէս Հայաստանում են ասում` աւտովթարից, որի պատճառով հիւանդանոց է փոխադրւում վէպի հերոսուհի Անի Մորանի մահամերձ մեծ հայրը` գնդապետ Ռալֆ Կոտերեանը: Եւ ո՞ր հիւանդանոցը, ի զարմանս ինձ, հէնց այստեղ, մեր քթի տակ, «Վերտիւկօ Հիլզ օսբիդըլ»: Առաջին ապշած տպաւորութեանս հետեւում է երկրորդը` մանրամասն պատկերացումը Լա Քրեսենթա, Կլենտէյլ, Հոլիվուտ, Էնսինօ, աշխարհագրական իմաստով, որ տարածւում է ամբողջ Հարաւային Քալիֆորնիա մինչեւ Ֆրեզնօ, Լաս Վեկաս ու նոյն մանրամասնութեամբ ներկայի ու անցեալի բնակավայրերի` Յիսուս Քրիստոսին ժամանակակից Երուսաղէմից ու Բեթղեհէմից մինչեւ 15-րդ դարում թուրքերի պաշարման տակ տուայտող Կոստանդնուպոլիս ու ներկայի Մոնրէալն ու Վիեննան: Վահան Յովհաննիսեանը ե՞րբ էր հասցրել բնիկի պէս իւրացնել այդ վայրերը: Բայց ինչո՞ւ զարմանալ: Միթէ հայր Ղեւոնդ Ալիշանը երբեւէ ապրե՞լ էր պատմական Հայաստանում, որ գիտէր նրա ամէն մի գիւղն ու քաղաքը, սարն ու քարը, գետն ու առուն, ձորն ու անտառը, ամէն մի անկիւնը` իր տաս մատների պէս: Դրանով չի վերջանում: Վայրերի նկարագրութիւնները ընդելուզուած են տեղի ու ժամանակի մարդկային յարաբերութիւնների ու համընկնող ու հակասող քաղաքական ու ընկերային գաղափարների ու դէպքերի զարգացումների ցանցով:

Հետաքրքիր է, որ հեղինակը ընտրել է աւելիով խօսակցական եւ քիչ նկարագրական ոճը: Կարծես ժապաւէնի բեմագրութիւն է գրուած: Եւ պատկերացնում եմ, թէ որքան զգայացունց շարժապատկերի է կարելի վերածել այս գործը: Պատկերացրէք ամերիկեան լրտեսական, ոստիկանական, ոճրային ժապաւէնները: Ընդհանրապէս կողմերը սահմանափակ են լինում: Այստեղ սարդի ոստայն է, ու թելերը` «Էֆ.Պի.Այ.»-ի, Կլենտէյլի եւ Ֆրեզնոյի Փոլիս, Հոմլենտ Սեքիւրիթի, 9-11, իսլամական շարժում` միջնադարեան վայրագ ու մոլեռանդ արշաւանքներից մինչեւ «Գայլի վոհմակ» ու ծայրայեղ իսլամականներ, «Կիսալուսնի եղբայրութիւն», Երիտասարդ մուսուլմանների ուսանողական միութիւն, հայ եւ իսլամ յարաբերութիւններ, հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններ ու արցախեան պայքար, որի մէջ ներքաշուած էր ինքը, ռուս կայսերական քաղաքականութիւնը Կովկասում:

Յովհաննիսեանի համոզմամբ, հայկական կոտորածները մինչեւ 1923 «Գայլի վոհմակ»-ի ռազմավարութեան արդիւնքն է եղել, որի ընթացքում, ինչպէս ինքն է գրում. «Այլադաւանների զանգուածային կոտորածները դադարեցին լինել ռազմական վերնախաւի իրաւունքը եւ վերածուեցին թուրքական կենսակերպի ամենաթողութեան մատնուած` հասարակ թուրքից մինչեւ իշխանաւորներ» (367): Այստեղ, առ ի բացատրութիւն ասեմ, որ Վահանի պատկերած «Գայլի վոհմակ»-ը նոյնը չէ, ինչ` «Գորշ գայլեր»-ը  որոնք 1960-ականներին ստեղծուեցին Թուրքիայում, եւ որոնց ընդյատակեայ գործողութիւններին որոշ չափով ծանօթ ենք այսօր:

Հետաքրքիր է հեղինակի տուած մեծ կարեւորութիւնը իսլամական շարժումին, որ պատկերւում է որպէս սարսափազդու համաշխարհային կազմակերպութիւն: Նրա գործիչները ամէն տեղ են` Փաքիստան, Աֆղանիստան, Թուրքիա, Ազրպէյճան, Վրաստան ու մինչեւ Ամերիկա, մանաւանդ` Լոս Անճելըս: Ու սոսկալի վայրագութեամբ գործած ոճիրները, տանջահար սպանութիւնները, կարծես հէնց այսօրուայ ՏԱՀԵՇ-ն է յիշեցնում. նրանք սպաննում են չարչարելով եւ անդամահատելով եւ զոհի ճակատին դանակով խզարած M նշանն են դրոշմում, իսկ գլխաւոր դերակատարը, ոչ զարմանալի, ի հարկէ, թուրք է, զոհին չարչարելու ու սպաննելու իր դժոխային հնարքներով: Եւ ի՞նչ է այդ M տառի տեսքով նշանը` գրքի վերջերում է պարզւում: Դա տառ չէ, այլ գայլի երկու ցցուած ականջների ուրուագիծն է` ի նշան «Գայլի վոհմակ»-ի (366):

Այս իսլամականների թշնամին այլահաւատներն են, ասում է Յովհաննիսեանը, մանաւանդ` քրիստոնեաներն ու հրեաները, որոնց ամէն գնով պիտի վերացնել աշխարհից, պիտի կործանել նրանց հոգեւոր արժէքները, որպէսզի իսլամ ճշմարիտ կրօնը տիրի: Այդ ճամբին պիտի գտնել ու ոչնչացնել Մանդիլիոնը, որը վէպում քրիստոնէութեան հիմքն ու խորհրդանիշն է ներկայացւում: Ուրեմն վէպի մէջ հայերն են թիրախը, քանի որ նրանք են պահպանում Մանդիլիոնը: Ահմադ Անվարը, «լուռ ժիհատի», մարտական առաքելութիւն կատարող ահաբեկչական խմբի գլխաւոր ղեկավար, գնդապետ, իր հետեւորդներին զգուշացնում է «դաշնակներ»-ի մասին, որոնք, ասում է, շատ են Լոս Անճելըսում եւ մեր թիրախը պիտի դառնան. նրանք էին, որ «Նեմեսիս»-ի գործողութիւններով ոչնչացրին «Գայլի վոհմակ»-ի ղեկավարներին (162):

Ուրեմն այսպէս, «Վերտիւկօ Հիլզ» հիւանդանոցից ու կեանքի վերջին վայրկեանները ապրող Կոտերեանի իր թոռնուհուն` Անիին փոխանցած կցկտուր գաղտնիքից, որին մօտենալու պատճառով է ինքը ահաբեկման ենթարկուել, Անին ներքաշւում է այդ թնճուկի շուրջ հիւսուած ոստայնի մէջ: Եւ բացւում է կծիկը մի ահաւոր բարդ առեղծուածի, որ քակւում է թել առ թել եւ լուծւում է ու չի լուծւում վէպի վերջին էջերում:

Վահան Յովհաննիսեանը վէպը գրել է ռուսերէնով, որ հրատարակուել է 2013-ին, յետոյ թարգմանուել է հայերէնի եւ անգլերէնի: Բայց ինչո՞ւ ռուսերէն: Չէ՞ որ հեղինակը նոյն հմտութեամբ տիրապետում էր հայերէնին: Ես կ՛ասէի` Վահանը իր առջեւ խնդիր է դրած եղել այս սահմռկեցուցիչ ոճրային պատմութեան ընդմիջից հայի դատը, իրական, չխեղաթիւրուած պատմութիւնն ու ապագայի տեսլականը աշխարհին եւ աւելի շեշտուած` ռուսին հասցնելու: Բայց, չգիտեմ: Աւելի լաւ չէ՞ր լինի, եթէ պատմագէտ ու հնագէտ, վարպետ պրպտող ու վերլուծող Վահան Յովհաննիսեանը հայ ժողովրդի պատմութիւնը տար ի՛ր մեկնաբանութեամբ, որին ես համաձայն եմ լիովին, առանձին մէկ հատորով, փոխանակ երկար փակագծեր բացելու երբեմն, ա լա Յակոբ Օշական, 50 էջանոց ելոյթ, զեկոյց, բացատրութիւն մի դէպքի կամ երեւոյթի մասին եւ ընթերցողի ուշադրութիւնը բուն նիւթից ու դէպքից շեղելու:

Այդ առանձին պատմական ակնարկը Վահան Յովհաննիսեանի հաճելի եւ առինքնող ոճով կարող էր փոխարինել այն դասագրքին, որ մինչեւ օրս էլ Հայաստանում չեն համարձակւում գրել: Օրինակ` Յովհաննիսեանը գրում է.

«Պատերազմի աւարտից յետոյ մեծ տէրութիւնների կառավարութիւնները ծախեցին Անդրանիկին եւ Հայաստանը, բայց Հայաստանի մարտիկները չզլացան ծախել իրենք իրենց… Այդ մարտիկները ազգայիններն էին` դաշնակները: Նրանք մարտնչում էին յանուն Հայաստանի եւ յանուն հայ ժողովրդի, որովհետեւ չգիտէին, թէ ուրիշ ինչ կերպ կարելի է պայքարել կեանքի, արժանապատուութեան եւ հայրենիքի համար» (52): Ի միջի այլոց այս դաշնակ անուանումը շատ է կրկնւում հայերէն տարբերակում: Չեմ հաւատում, որ դա ռուսերէն բնագրի հարազատ թարգմանութիւնը լինի: Հեղինակը այդ ծաղրող ու նսեմացնող, բոլշեւիկներից մնացած եւ Հայաստանում սովորութիւն դարձած եզրը հազիւ թէ գործածէր իր իսկ դաւանած կուսակցութեան համար:

Վէպի ուսումնասիրութեան իմ աղբիւրը եղել է գրքի հայերէն թարգմանութիւնը: Բնականաբար թարգմանական տարբերակը քողարկում է բնագրի լեզուային եւ ոճային իւրայատկութիւնները: Ուրեմն դրանց մասին հնարաւոր չէ խօսել. իսկ այս թարգմանութիւնը, չէի ասի, որ լաւագոյն կերպով է կատարուած: Տպագրական սխալներ շատ կան, իսկ տեղանունների մէջ ռուսերէնը աւերներ է գործում: Հոնոլուլուն դառնում է Գոնոլուլու, Սան Օաքինը` Սան Խոագին, կամ Յիսուսին պարոն է կոչում` առնուազն տիար կոչելու փոխարէն եւ այլն: Դեռ չեմ խօսում դաշնակ բառի մասին:

Վէպի կառոյցը չնայած բարդ, բայց բաւական մտածուած, հզօր ու հաստատուն է դրուած: Պարզ է, որ վէպում ժամանակագրական կարգ չի պահպանւում: Ժամանակակից դէպքից կարելի է ցատկել ետ` մինչեւ Յիսուսի խաչելութիւն, առաջ` մինչեւ Կոստանդնուպոլսի անկումը, Բիւզանդիոնի վերջին կայսրի` Կոստանդին ԺԱ.ի յուսահատ պայքարը եւ օսմանցի Մեհմետ Բ.ի յաղթանակն ու թոյլ տուած վայրագութիւնները, եւ այսպէս` յետ ու առաջ, որ ի հարկէ չի խանգարում. սովորել ենք ոճրային, ոստիկանական ժապաւէնների ֆլեշ-պաք-երին: Ուրեմն վէպի մէջ հնագոյն իրադարձութիւնը բորոտի սոսկալի հիւանդութեամբ տառապող Անտիոքի Աբգար թագաւորի նամակն է Յիսուսին եւ Յիսուսի պատասխան նամակն ու խոստումը եւ դրա հետ ուղարկած սրբապատկերը, Յիսուսի անձեռակերտ դիմապատկերը կամ անձեռակերտ դաստարակը, որ Մանդիլիոն է կոչուել: Իսկ նորագոյնը` հէնց մի քանի տարի առաջ, որ սկսել է Կլենտէյլից եւ աւարտուել` Երեւանում:

Մանդիլիոնը` գրքի վերնագիրը ու պատումի թնճուկը, որի գոյութիւնն անգամ այսօր որոշ գիտնականների կողմից առասպել է համարւում, վէպի մէջ 1980 տարի պահուել է, թշնամիներից պաշտպանուել եւ հետաքրքիր ձեւով պահպանուել է հայ ասպետների ու պահապանների կողմից, որոնք անդամներն են եղել գաղտնի օթեակի: Այս սուրբ պաշտօնը երդումով փոխանցւում էր արու զաւակին կամ մի քաջարի, նուիրեալ եւ վստահելի հերոսի կամ հոգեւորականի: Դա, ի հարկէ, հասկանալի է: Հայ ժողովրդի պատմութեան ընթացքը անցել է այր մարդկանց դերակատարութեամբ. գոնէ այդպէս է ներկայացուել: Բայց Վահանը այստեղ աւելի արդար է եղել: Սրբակերտի գաղտնիքը յաջորդ սերնդին փոխանցելու մէջ դերակատարութիւն են ստանձնում տիպար կանայք: Շատ անգամ մայրն է խողովակը: Հոգեւոր ժառանգութիւն` աւանդութիւն, պատմութիւն, առաքելութիւն, մօրից է զաւակին անցնում: Զաւակը երդւում է ծառայել Մանդիլիոնին` որպէս օթեակի, եւ 15-րդ դարուց յետոյ` Վիշապի օթեակի անդամ (237):

Տպաւորիչ է Յովհաննիսեանի անսահման երեւակայութիւնը, բայց աւելի կարեւոր է նրա աշխարհիմացութիւնը, խորը գիտելիքները ո՛չ միայն վերջին դարերի, բայց եւ հնագոյն Արեւելքի պատմութեան, աւանդութիւնների, մարգարէութիւնների քրիստոնէական ու մահմետական ուսմունքների մասին: Ու նրա ստեղծած կերպարները արտայայտում են այդ մտքերը, բացատրում: Եւ սրանք առասպելներ չեն` ասում է կերպարներից մէկը, այլ` հնագոյն գիտելիք (222): Մի տեղ Աբգար թագաւորի պատուիրակ Անանը խօսում է Յիսուսի խօսքերի ազդեցութեան մասին. «Յիսուսը խօսեց, եւ ես մի ակնթարթ յետոյ զգացի, թէ ինչպէս է նրա ձայնը հոսում հոգուս մէջ, ինձ համակում տարօրինակ երանութեամբ» (105): Եւ Անանը տեսնում է, թէ ինչպէ՛ս է լոյսը բարձրանում եւ ցրում խաւարը…

Մի ուրիշ տեղ, Յուդան, Յիսուսին մատնելուց եւ նրա տանջալից խաչելութիւնից յետոյ, որ հեղինակը ականատեսի աչքերով պատմում է մանրամասնօրէն, փորձում է արդարանալ: Ախր նա ինքն էր այսպէս ուզում: Ի՛նքը: Եթէ ինքը չուզենար, ոչ մի բան էլ չէր լինի: Ինքն իրեն զոհեց: Ինքը կամաւոր մահուան գնաց: Իսկ ես պիտի պատասխան տամ: Հա՞: Իսկ չէ՞ որ առանց ինձ այդ անձնազոհութիւնը լումայի արժէք չէր ունենայ (146): Յուդայի դաւաճանութեան մասին վարկածներ եւ մեկնաբանութիւններ շատ կան: Պարզ է, որ Վահանը դրանք էլ է սերտել եւ ընտրել իր համար ընդունելին, աւելի մօտ Կնոսթիքների մեկնաբանութեան: Երեւի Վահանը հասցրած է եղել Յուդայի Աւետարանն էլ կարդալ:

Վէպը բաւական ծանր է, լիակատար կենտրոնացում է պէտք լարուած ոստայնի մէջ չխճճուելու համար, բայց մերթ ընդ մերթ արձագանգում է Վահանի քաղցր հումորն ու դիպուկ դիտարկումը: Ինչպէս Լիլիթ Գալստեանը կ՛ասէր` «վահանաւարի, անկաշկանդ, բայց երբեք չցաւացնող հումորը»: Կը ցանկանայի երկու օրինակ մէջբերել: Առաջինը Անանի պատմածից է Աբգար թագաւորին, ուրեմն մօտ 2000 տարեկան ծիրանի մասին. բայց կարծես հէնց այսօրուայ վիճակն է նկարագրում.

«Prunus Armeniaca երգեցիկ ասաց նա, «նշանակում է ընդամէնը հայկական սալոր, բայց հնչում է ինչպէս կարեւոր հռոմէական ծերակուտականի անուն: Յարգում են մեր հայկական միրգը: Այդ հռոմէացիների պատճառով մեր ծիրանը թանկացել է. յոյները արկղերով են առնում: Տանում, Անտիոքում եռակի թանկ գնով վերավաճառում են: Իսկ մեր անբան վաճառականներն ալարում են` տանեն, իրենք հարստանան: Դրանով նրանք, տէր իմ, ձեզ են զրկում օրինական եկամուտներից» (99):

Երկրորդը մեր օրերի երեւոյթ է, ձեզանից ովքեր Երեւան ճամբորդած լինեն, անպայման այդ տպաւորութիւնը արձանագրած կը լինեն. ինքնաթիռի անիւները դեռ նոր էին հպւում թռիչքուղուն, երբ ուղեւորները իրար անցան եւ սկսեցին վերին դարակներից հանել իրենց ծանր ու մեծ ձեռքի բեռները` անտեսելով ուղեկցորդուհիների յուսահատ զգուշացումները: Անին, որ ոչ մի տեղ եւ երբեք նման բան չէր տեսել, սկզբում կարծեց, թէ մարդիկ շտապում են ինքնաթիռից իջնել: Բայց Վիգէնը բացատրեց, որ դա ուղղակի ազգային բնաւորութեան առանձնայատկութիւններից է: Թէ որտեղի՞ց է յայտնուել եւ ինչո՞ւ, ըստ Վիգէնի, ոչ ոք չի կարող ասել: Անին մտածեց, որ Վիգէնի խօսքի մէջ թերասածութիւն կայ (397):

Հեղինակի կերտած կերպարները բազմազան են, շատ անգամ` վիպային յօրինուածքներ, բայց նաեւ` պատմական ծանօթ դէմքեր, ինչպէս` Աբրահամ Անկիւրացին: Ես նրան գիտէի «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»-ի հայագիտականի մեր ուսումնասիրութիւններից, իր «Ողբ ի վերայ առման Կոստանդնուպոլսոյ» երկարաշունչ բանաստեղծութիւնով: Բայց արի ու տես, որ Աբրահամ Անկիւրացին, Օշին Իշխանի եւ Ամբրոջիօ Կոնտարինիսի հետ միասին (նաեւ մի պատմական դէմք) գտել են 944-ից Կոստանդնուպոլսում թաքնուած Մանդիլիոնը (249) եւ ժամանակին դուրս հանել, փրկել այն թուրքերի կողոպուտից: Եւ թէ ո՞ւր է տարուել, որտե՞ղ է պահուած: Մանդիլիոնը պէտք է գտնուի, որովհետեւ ինչպէս Աբրահամ Անկիւրացին է պատգամել, նա է պահապանը, հովանաւորը հայ ժողովրդի:

Մանդիլիոնի անցած ու չանցած ճամբան պիտի չգծեմ, միայն ասեմ, որ հէնց Անկիւրացու «Ողբ»-ի ծածկագիր ուղեցոյցը բանալի է ծառայում, ու գտնւում է նրա հաւանական թաքստոցը, որ վէպի մեր ժամանակների հերոսներին` իրար ջերմ սիրահարուած Անիին ու Վիգէնին ու նրանց քայլերին ուշի ուշով հետեւող իսլամի մարտիկներին, նոյնիսկ «Էֆ.Պի.Այ.»-ի ամերիկահայ գործակալին Հայաստան է բերում (378):

«Գտնել թէ չգտնել: Շարունակել այնքան չարչարալից փնտռտուքը, որ դարեր շարունակ զոհեր է խլում ու այնքան սիրելիների կեանքի գնով է վերջացել», մտորում է Անին, որ ինքն էլ է արիւնարբու մարդասպանների թիրախ դարձել: Թողնում եմ ընթերցողին:

Շատ հաւատացեալ քրիստոնեայ պիտի հնչեմ, եթէ խօսքս վերջացնեմ այն նշանաբանով, գաղտնաբառով, որ Մանդիլիոնի` կամ աւելի նեղ իմաստով, Քրիստոսի երկրորդ գալու կապակցութեամբ արձագանգում է վէպի ամբողջ ընթացքում ու որոշում Մանդիլիոնի ճակատագիրը` «մեր թանկ գանձից լուսեղէնը օրն է Նրա Վերադարձի»:

 

Անտոնինա Մահարի. «Եթէ Ես Ինքս Արժանի Չեմ Յարգանքի, Մի՛ Յարգէք, Երես Թեքէք Ինձանից»

$
0
0

ՍՈՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Անտոնինա Մահարի

Անտոնինա Մահարի

«Որքան շատ էր կեանքը խեղում նրան, այնքան աւելի թանկ էր նա դառնում ինձ: Քանզի ես միշտ պարտուածների հետ եմ, եւ ոչ թէ` յաղթածների. յաղթածներն առանց ինձ էլ եոլա կը գնան»: Անտոնինա Մահարի, «Իմ ոդիսականը»

Գուրգէն Մահարու կինը ծայրայեղ աղքատ է

Տիկին Անտոնինան` Գուրգէն Մահարու կինը, տանը շրջում է` հնարաւորինս շատ հագուստ հագած, ձեռնոց ու գլխարկ դրած: Տանը զերոյական ջերմաստիճան է, որը երբեմն բարձրանում է մի քանի աստիճան, երբեմն իջնում զերոյից ցածր: Փայտէ սեղանը, որին Անտոնինա  Մահարին դրել է ձեռքերը, նոյնպէս շատ սառն է:

«Երբ ցուրտ լինի, երեկոներին ննջասենեակում տաքացուցիչ կը միացնեմ: Երեւի` Նոր տարուց յետոյ կամ Նոր տարուն: Այս սեզոնին դեռ չեմ միացրել, քանի որ դեռ ցուրտ չի եղել», ասում է Անտոնինա Մահարին: Նա երբեմն հարեւանի տուն է գնում` տաքանալու:

Տան ամբողջ կահոյքը մնացել է նոյնը, ինչ Մահարու օրօք էր: Տասնամեակների ընթացքում չփոխուած վարագոյրը մաշուածութիւնից պատռուել է: Առաստաղին խոր ու լայն ճաքեր կան: Մանրայատակը պոկուել ու քայլելիս տեղից դուրս է գալիս:

Տեսնո՞ւմ ես` ինչ վատ դռներ են: Սրանք ինձ համար սուրբ, առասպելական դռներ են: Այս դռները թակել են ձեր դասականները, որոնք այցելում էին Գուրգէն Մահարուն: Այդ դռները թակել է Գուրգէն Մահարին: Ես միշտ սպասում էի նրան: Ես ոսկուց դռներ չեմ ուզում», ասում է տիկին Անտոնինան:

Գուրգէն Մահարու տուն-թանգարանը

Գուրգէն Մահարու տուն-թանգարանը

Ազգութեամբ լիթվուհի Անտոնինա Մահարին այսօր համարւում է ծայրայեղ աղքատ: Նա ստանում է 15 հազար դրամ թոշակ, նոյնքան էլ` աղքատութեան նպաստ: Հիմա, քանի դեռ տունը չի տաքացնում, ելեկտրական հոսանքի ու հեռախօսի համար վճարում է մօտ 3000 դրամ, բայց երբ երեկոները մի սենեակը ջեռուցի, արդէն ստիպուած կը լինի 8 հազար դրամ վճարել: Նա Նոր տարուայ համար ոչինչ չի գնելու, եւ 2013 թուականը դիմաւորելու է տանը մենակ:

«Մարդիկ աշխատում են եւ նոյնքան են վարձատրւում: Այնպէս որ, ես նստում եմ ու լռում եմ: Իմ շուրջը բոլորն այնքան աղքատ են, որ ամօթ կը լինէր, եթէ ես ինչ-որ տեղ դիմէի: Երբեմն նրանց նոյնիսկ հազար դրամ կարող եմ տալ: Այնքան շատ դժբախտ մարդիկ կան, որոնք աւելի վատ վիճակում են: Պէտք է խիղճ ունենալ», ասում է Անտոնինա Մահարին:

Նրան չի այցելել ոեւէ պաշտօնեայ Հայաստանում Լիթվայի դեսպանատնից, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնից: Անտոնինան կարծում է, որ պաշտօնեաները տներ չեն գնում նոյնիսկ քաղաքավարական այցով, բայց շնորհակալ է, որ մշակոյթի նախարարութիւնը պետպատուէրով տպագրել է իր գրքերից մէկը եւ` «դեռ փող էլ է տուել»:

Գուրգէն Մահարու տուն-թանգարանը

Գուրգէն Մահարու տուն-թանգարանը

Գրողի մահից յետոյ Անտոնինան ուզում էր, որ Մահարին կենդանի լինի տանը, եւ հիւրասենեակը դարձրել է թանգարան, որտեղ ներկայացուած են Մահարու ու նրա հարազատների բազմաթիւ լուսանկարներ, գրողի մասին յօդուածներ, գրքեր:

Գուրգէն Մահարին մահացել է 43 տարի առաջ: Անտոնիան մինչեւ հիմա էլ կարօտում է Լիթվան, բայց ամուսնու մահից յետոյ մնաց Հայաստանում: Անտոնինայի խօսքով` մահանալիս գրողն իրեն ասել է. «Անտոնինա խնդրանք ունեմ. մի՛ լքիր Հայաստանը, որպէսզի ոմանք չխեղաթիւրեն պատմութիւնը: Դու միակ մարդն ես, ով իմ մասին ճշմարտութիւնը գիտի, ու դու պէտք է գրես»: Կինը կատարում է խնդրանքը: Տիկին Անտոնինան, ով Հայաստանի Գրողների միութեան անդամ է, Գուրգէն Մահարու մասին «Իմ ոդիսականը», «Յուշեր», «Յուշեր եւ պատմուածքներ», «Հին ամրոցի գաղտնիքը» գրքերի հեղինակն է:

Անտոնինա Պովիլայտիտեն քաղբանտարկեալ է դարձել 22 տարեկանում

1944թ. գերմանացիներից յետոյ Լիթվան գրաւեցին ռուսները: Սկսուեցին լիթվացիների զանգուածային ձերբակալութիւնները, աքսորներն ու մահապատիժները: Վիլնիւսի համալսարանի իրաւաբանութեան բաժանմունքի ուսանողուհի Անտոնինա Պովիլայտիտեն, ինչպէս եւ շատ ուրիշ երիտասարդներ, անդամակցում էր «Անկախ Լիթվայի համար» ընդյատակեայ կազմակերպութեանը: «Խորհրդային Միութիւնը շատ ահաբեկում էր ամբողջ Մերձպալթիքան, իսկ ռուսները ի՞նչ էին անում. օյ, օյ, օյ: Իսկ մենք դէմ էինք այդ ահաբեկչութիւնը: Մերձպալթիքան ոչնչացնում էին, շատ քիչ բան մնաց», ասում է տիկին Անտոնինան:

22 տարեկանում Անտոնինան ձերբակալուել է, մեղադրուել «հակախորհրդային քարոզչութեան», «նացիոնալիզմի», «շովինիզմի» մէջ: Վիլնիւսի բանտում պահւում էին շատ այլ լիթվացիներ, լեհեր: Անտոնինայի խցին հարեւան խցերում պահւում էին տղամարդիկ, ովքեր «հակախորհրդային գործունէութեան» համար մահուան էին դատապարտուել, քանի որ նախընտրել էին խոստովանել իրենց «մեղքը», քան` պահուել նման պայմաններում: Քննիչներն ու բանտապահները, որոնք հիմնականում ռուսներ էին, քաղբանտարկեալների հետ վարւում էին այնպէս, որ նրանցից շատերը ինքնասպան էին լինում, խելագարւում կամ մահանում:

Անտոնինա Մահարի

Անտոնինա Մահարի

«Երջանիկ է նա, ով չի ծնուել», ասում էին քաղբանտարկեալները: Բայց տիկին Անտոնինան վստահեցնում է, որ ո՛չ բանտում, ո՛չ ճամբարում, ո՛չ էլ աքսորում երբեք չի ցանկացել հեռանալ կեանքից: «Ես ուզում էի ապրել, վերադառնալ Լիթվա ու նայել, թէ յետոյ ի՛նչ է լինելու: Եւ հիմա ես ուզում եմ նայել, թէ ի՛նչ է լինելու յետոյ: Մենք իտէալիստներ էինք, մենք սաւառնում էինք երկնքում, իսկ դուք շատ երկրային էք: Այնքա՜ն շատ մարդկանց էին նստեցնում, որ երբ ինձ դեռ չէին նստեցրել, նոյնիսկ ես զարմանում էի` ուրեմն ոչ մի բան չարժե՞մ», ասում է Գուրգէն Մահարու կինը:

Աւելի քան 1 տարի բանտում պահուելուց յետոյ Անտոնինայի դէմ հեռակայ դատ է եղել, որն իրեն դատապարտել է 4 տարուայ ազատազրկման ճամբարում: Անտոնինային ուրիշ բանտարկեալների հետ նստեցրել են ապրանք տեղափոխելու համար նախատեսուած վակոններ եւ Վիլնիւսից 35 օր շարունակ փակ վակոնով տեղափոխել Ռուսաստանի Կոմիի Ինքնավար Մարզի ճամբար:

«Երբ մեզ վակոնով տանում էին Լիթվայից, մտածում էի` գուցէ վերջին անգամ եմ տեսնում Լիթվան: Շատերի դէպքում վերջին անգամն էր: Այդ ժամանակ լաց չէի լինում, քանի որ սիրտս քարացել էր: Ծանր պահերին մարդիկ չեն կարող լաց լինել: Ես լացկան չեմ: Բանտում եթէ լաց լինէի, օգուտ կը տա՞ր: Ես չէի ուզում ցոյց տալ, թէ թոյլ եմ», ասում է Անտոնինան:

Կոմիի անտառում մայիսին էլ ծնկների բարձրութեան ձիւն կար: Անտոնինան այլ կանանց հետ բահով մաքրում էր ծառերի բները ծածկած ձիւնը, իսկ տղամարդիկ սղոցում էին: Յետոյ ոտքով ուժասպառ վերադառնում էին ճամբար, որտեղ իրենց ստացած ընթրիքն այնքան քիչ էր, որ սոված էին մնում: Կոմիում Անտոնինան նաեւ աղիւսներ էր բարձում վակոնները:

Մէկ տարուան ընթացքում Անտոնինան այնպէս էր թուլացել ու հիւծուել, որ նրան ծեր, հաշմանդամութիւն ունեցող բանտարկեալների յետոյ նորից նստեցրին ապրանքների համար նախատեսուած վակոն ու Կոմիից տարան Սիպիր` ասելով, թէ Սիպիրում պայմաններն աւելի լաւ են: Սիպիրում յաճախ, երբ տաժանակիր աշխատանք կատարող, ուժասպառ ու սոված բանտարկեալներից ոեւէ մէկն այլեւս ի վիճակի չէր լինում ոտքի վրայ մնալ, ուղեկցող պահակախումբը տեղում սպաննում էր նրան, իսկ միւս բանտարկեալներին հրամայում թաղել:

Գուրգէն Մահարին (ձախից) եւ Աշոտ Սանամեանը

Գուրգէն Մահարին (ձախից) եւ Աշոտ Սանամեանը

«Գուրգէնի ընկերը` մեր Աշոտ Սանամեանը, շատ ամուր տղամարդ էր: Հէնց տեսնում էր, որ ոեւէ մէկը ընկնելու է, շալակում էր ու տանում, որպէսզի չգնդակահարէին», պատմում է տիկին Անտոնինան: «Իմ ոդիսականը» գրքում նա գրել է, որ ազատազրկման դատապարտուած երիտասարդ նկարիչ Աշոտ Սանամեանը, ով ընկերական կապեր ունէր ճամբարի` նոյնպէս քաղբանտարկեալ ռուս բժշկի հետ, ամէն ինչ անում էր, որ արդէն ուժասպառ ու հիւանդ հայերն ազատուէին տաժանակիր աշխատանքից ու հիւանդանոց տեղափոխուէին:

Երբ Անտոնինայի` ճամբարում ազատազրկման ժամկէտը լրացել է, իրեն յայտնել են, որ իր դէմ դարձեալ հեռակայ դատ է եղել, եւ այս անգամ արդէն դատապարտել են ցմահ աքսորի: Նա ուրիշ բանտարկեալների յետոյ ոտքով հարիւրաւոր քիլոմեթրներ քայլել է դէպի Ձերժինսկի շրջան, որտեղ բանտի պետը ողջունել է հետեւեալ բառերով. «Այստեղ եկել էք` ընդմիշտ մնալու: Այստեղ են ձեր կեանքը եւ գերեզմանը: Միայն թէ չմտածէք փախչել. միեւնոյն է` անիմաստ է: Ամէն տեղ ձեզ կը գտնենք, նոյնիսկ գետնի տակ»:

Քչերն են վերադարձել անազատութիւնից: «Ի՞նչը ձեզ ուժ տուեց վերադառնալ», հարցին Անտոնինա Մահարին պատասխանում է. «Իմ մանկութիւնը: Մեր կեանքի հիմքը մանկութիւնն է: Ես հրաշալի մանկութիւն եմ ունեցել, սնուցում, ամէն ինչ, լաւ մթնոլորտ: Մանկութիւնը ամրացրել էր իմ օրկանիզմը, ու ես դիմացայ այդ ամէնին: Իսկ Գուրգէնը մանկութիւն չէր ունեցել, նա այնքան հիւանդութիւններ էր տարել, նա երկար չդիմացաւ: Խեղճը մանկատանն էր եղել: Դա դաժան ճակատագրի երեխայ էր»:

Անտոնինա Մահարին ասում է` հպարտ է, որ եղել է հէնց հալածուողների եւ ոչ թէ նրանց մէջ, ովքեր կազմակերպեցին այդ դժոխքը, ոչ թէ յարմարուածների մէջ, ովքեր մարդկանց մատնելու դիմաց փող էին ստանում ու հրաշալի ապրում, երբ միւսները զոհւում էին, հիւանդ ու սոված էին:

«Ես դեռ առողջ եմ, իսկ ռազմաճակատի ընկերս պառկած է` արդէն վիրաւորուած»

Անտոնինան` Ռութա-Նազիկի հետ

Անտոնինան` Ռութա-Նազիկի հետ

Հէնց Սիպիրում էլ Անտոնինա Պովիլայտիտեն հանդիպել է Գուրգէն Աճեմեանին: Անտոնինան անազատութեան մէջ էր արդէն 10 տարի, իսկ Գուրգէնը` 17: Գրողը մեղադրւում էր «ահաբեկչութեան» ու «Բերիային սպաննելու մտադրութեան» մէջ եւ ճամբարում ազատազրկման ժամկէտը սպառելուց յետոյ եւս դատապարտուել էր ցմահ աքսորի:

Մահարին արդէն յոյսը կորցրել էր, որ տուն կը վերադառնայ: Նա պառկած էր մահացող հիւանդների հիւանդասենեակում: Բժիշկներն Անտոնինային ասում էին, որ` «Աճեմեանի վիճակը շատ վատ է, դու սուրբ ես, որ գնում ես այդ հիւանդասենեակ»: Անտոնիան երջանիկ տեսք էր ընդունում, մտնում հիւանդասենեակ եւ ասում. «Գուրգէ՛ն, ես քեզ լաւ լուր եմ բերել: Բժիշկներն ասացին, որ քո վիճակը շատ լաւ է, քեզ շուտով դուրս կը գրեն: Դու կը վերադառնաս, քո գրքերը կը տպագրեն»:

«Դա մաքուր սուտ էր: Այդ ձեւով ես ոտքի կանգնեցրի նրան: Նա ասում էր. «Եթէ դու ինձ հետ չգաս, ես մենակ չեմ գնայ»: Ես ասում էի. «Եթէ դու ուզում ես, ես կը գամ»: Ես երբեք չէի մտածում, որ կը գնամ, որ հարկ կը լինի գնալ, որ մեզ բաց կը թողնեն, որ նա կենդանի կը մնայ: Մտածում էի` արդէն առաւօտեան մարդուն չեմ գտնի: Այդ սէրը աւելի բարձր էր, քան սէրը. օգնել, դուրս հանել մարդուն, ինչ-որ բան անել, որ ինքն իմանար, որ ինչ-որ մէկը սիրում է իրեն, ինքն ինչ-որ մէկին պէտք է: Դա իմ ռազմաճակատի ընկերն էր: Ես դեռ առողջ եմ, իսկ ռազմաճակատի ընկերս պառկած է` արդէն վիրաւորուած, ու ես պէտք է ինչ-որ բան անէի նրա համար», պատմում է տիկին Անտոնինան:

Մահարին դուրս է եկել հիւանդանոցից, ու նրանք ամուսնացել են: 1953թ.` Ստալինի վախճանից յետոյ, քաղբանտարկեալների մէջ փրկուելու յոյս առաջացաւ: Անտոնինան երազում էր Լիթվա վերադառնալ, բայց Մահարու հետ 1954թ. Հայաստան եկաւ: Հայաստանում կէս տարեկանում մահացաւ նրանց աղջիկը` Ռութա-նազիկը, ով ծնուել էր Սիպիրում: Յաջորդ տարի ծնուեց նրանց տղան, ում անունը նոյնպէս Գուրգէն էր:

Գուրգէն Մահարի

Գուրգէն Մահարի

Ընտանիքն ամառներն անցկացնում էր Լիթվայում: Ձերբակալուելուց 13 տարի անց Անտոնինան առաջին անգամ վերադարձաւ Լիթվա: Այստեղ նա չգտաւ ո՛չ ծնողներին, ո՛չ միակ եղբօրը` Ալեքսիսին, որոնց դէմքերը դեռ յիշում է: Տիկին Անտոնինայի խօսքով` ծնողները երիտասարդ մտաւորականներ էին, ապրում էին բարեկեցիկ կեանքով եւ գուրգուրում էին իրեն: Յայտնի չէ` ծնողներն ու եղբայրը ո՞ղջ են մնացել, թէ՞ զոհուել են ստալինեան տեռորի ժամանակ, գուցէ արտասահմա՞ն են փախել, գուցէ նրանց է՞լ են Սիպիր աքսորել: Դեռ Վիլնիւսում ձերբակալութեան պահին Անտոնինան եւ Կաունասում ապրող իր հարազատները լուր չունէին միմեանցից:

Անտոնինան եւ Մահարին միասին ապրել են 16 տարի, թէեւ կինը կարծում է, որ Մահարին աւելի երկար կ՛ապրէր, էլի չլինէր «Այրուող այգեստաններ» վէպը: Վէպը խիստ քննադատուեց: Գիրքը վառում էին Մահարու լուսամուտի տակ, տան դրան վրայ ամրացուած «Գուրգէն Մահարի» ցուցանակի վրայ թքել են, փողոցում Անտոնինային «ամէն տեսակ զզուելի բաներ էին ասում Գուրգէնի մասին»: Մահարին ասել է, որ իրեն բոլորը լքել են, եւ միայն Անտոնինան է, որ այդ քննադատութեան ժամանակ մնացել է իր կողքին: Երեք տարի անց գրողը մահացաւ:

Դա առաջին մահն էր որդու` 14-ամեայ Գուրգէնի համար: Երբ Գուրգէնը հօրը տեսաւ մահացած, հոգեկան հիւանդութիւն ստացաւ: Վեց տարի առաջ մահացել է նաեւ Անտոնինայի եւ Մահարու որդին: «Գուրգէնիկից յետոյ աւելի դատարկ է», ասում է տիկին Անտոնինան:

Լիթվուհին` հայերի մասին. «Դուք ռուսների կրունկի տակ էք»

Գուրգէն եւ Անտոնինա Մահարիները որդու` Գուրգէնի հետ

Գուրգէն եւ Անտոնինա Մահարիները որդու` Գուրգէնի հետ

Հայաստանի անկախացումից յետոյ Անտոնինա Մահարին այլեւս չի գնացել Լիթվա: Տոմսը շատ թանկացաւ: Բացի դրանից` արդէն «յատուկ փաստաթղթեր, հրաւէրներ են պէտք»:

«Ես սիրում եմ Հայաստանը ու չեմ ուզում, որ ինչ-որ վատ բան տեղի ունենայ», ասում է Անտոնինա Մահարին: Նրա խօսքով` Հայաստանում մարդկանց մէջ բարութիւն ու անկեղծութիւն կան, ինչպէս` իր հարեւանների մէջ: Բայց միաժամանակ նա չի սիրում հայաստանցիների նախանձն ու ատելութիւնը ամէն ինչի նկատմամբ:

Նա եկել է Հայաստան` որպէս Հայաստան, բայց չի զգում Հայաստանը: «Ինձ դուր չի գալիս, որ դուք չունէք ձերը», ասում է Անտոնինա Մահարին: Լիթվայում, ինչպէս եւ աշխարհի բոլոր երկրներում մարդկանց դիմում եմ «տիկին» կամ «պարոն» բառով, իսկ Հայաստանում տիկին Անտոնինային որոշ հայեր դիմում են անուն-հայրանունով` «Անտոնինա Միխայլովնա»: Լիթվուհին զարմանում է. «Ձեր ինչի՞ն է դա պէտք. դուք հայ էք: Դա ռուսական ձեւ է, միայն Ռուսաստանում է: Ես ուզում եմ գտնել հայկական «ես»-ը»:

Անտոնինան նաեւ զարմանում էր, երբ իրենց տուն այցելող որոշ հայեր խնդրում էին ռուսերէն գրքեր տալ, քանի որ «հայերէն դժուարութեամբ են կարդում»: Նրա խօսքով` ինքն ու ամուսինը դէմ էին, երբ հայերն իրենց երեխաներին ուղարկում էին ոչ թէ հայկական, այլ ռուսական դպրոցներ: Խորհրդային իշխանութեան ժամանակ լիթվացի նոյնիսկ կուսակցականներն էին դրա վրայ զարմանում: Թէեւ ԽՍՀՄ փլուզումից յետոյ էլ որոշ հայեր նախընտրում են ռուսական դպրոցները:

«Դա ինձ դուր չի գալիս: Դուք ռուսների կրունկի տակ էք: Դէ, եղէք: Եւ ինչո՞վ են ձեզ օգնել ռուսները, երբ ձեզ սպաննում էին Պաքւում: Դուք ընկերներ չունէք: Պինդ մնացէք: Ես ուզում եմ, որ ձեր հայկական ոգին լինի», ասում է Անտոնինա Մահարին:

Իսկ իր ոգին ճակատագրի հարուածներից ու դժուարութիւններից աւելի ամուր է դարձել: Անտոնինային շատ վիրաւորում է, երբ իրեն յարգում են միայն նրա համար, որ Մահարու կինն է: «Իմ հօր թեւի տակ եւս չեմ ուզում լինել: Ինձ պէտք չէ, որ ինչ-որ մէկի թեւի տակ ինձ յարգեն: Եթէ ես ինքս արժանի չեմ յարգանքի, մի՛ յարգէք, երես թեքէք ինձանից: Դա էլ անում էք, ի միջի այլոց: Հիմա, երբ ես անցել եմ այդպիսի կեանք եւ Գուրգէն Մահարուն, ինչպէս երեխայի, դուրս եմ բերել գերեզմանից, կարող եմ հպարտանալ: Իսկ առաջ ես ոչ ոք էի», ասում է նա:

Չնայած տարածուած տեսակէտին, որ մեծ մարդկանց, յատկապէս արուեստագէտների կանայք մնում են ամուսինների ստուերում, Անտոնինան պնդում է, որ երբեք չի եղել Գուրգէն Մահարու ստուերում:

«Ես ամենաբարձր հասարակութեան տիկին էի: Գուրգէնը գրողների համագումարի պատուիրակ է եղել 4 անգամ: Ես եղել եմ Քրեմլինում, Մոսկուայի ամենալաւ հիւրանոցներում: Ես գնում էի, քանի որ պէտք էր խնամէի նրան, ես դայեակ էի: Ես նրան չէի հարցնում. ի՛նչ ուզում, դա էլ անում էի: Բայց ես անում էի յօգուտ նրա, եւ ես ամէն ինչ ճիշդ էի անում: Գուրգէնը պարտուած ու դժբախտ էր, ու ես ուրախ եմ, որ եղել եմ նրա կողքին: Ես չէի կարող թողնել: Ես էլ էի այդպիսին: Մենք այդպէս կապուեցինք: Նա ինձ պէտք էր ինչպէս օդ, ես էլ նրան` ինչպէս օդ: Սարսափելի սիրում էր, ես` նոյնպէս», ասում է տիկին Անտոնինան:

Մեր զրոյցի վերջում նա յաւելեց. «Մենք նոր տարին տօնում ենք, քանի որ ապրել ենք այս տարին եւ ողջ մնացել մինչեւ յաջորդ տարին: Շատերը չկարողացան սպասել, եւ շատերը երիտասարդ հեռացան: Այնպէս որ, շնորհակալութիւն Աստծուն, եւ թող օրհնի յաջորդ տարին»:

«Հետք»

21 դեկտեմբերի 2012

Գառնիկ Բանեանի «Յուշեր Մանկութեան Եւ Որբութեան» Գիրքը

$
0
0

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Գառնիկ Բանեան` իր վերջին տարիներուն

Գառնիկ Բանեան` իր վերջին տարիներուն

 «Յուշեր մանկութեան եւ որբութեան»

«Յուշեր մանկութեան եւ որբութեան»

Ինծի համար մեծ պատիւ է գրել Հայոց ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք ստեղծուած հայ որբաշխարհի որբերէն Գառնիկ Բանեանի  «ՅՈՒՇԵՐ ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՈՐԲՈՒԹԵԱՆ» գիրքին մասին:

Ես ճեմարանական չեմ եղած եւ, հետեւաբար, Գառնիկ Բանեանին չեմ աշակերտած: Սակայն ճանչցած եմ զինք Լիբանանի Ազգային իշխանութենէն ներս եւ Համազգայինի մեծ ընտանիքէն ներս իր վարած պաշտօններուն բերումով: Իրմէ շատ բան սորված եմ 1976-80 տարիներուն, երբ գործեցինք միասնաբար Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան մէջ: Ճանչցայ տիպար հայ մարդը, մտաւորականը, համբերատար ժողովականը եւ ազնիւ հոգիով «պապա» մարդը: Մտերմացանք, ծրագրեցինք, կազմակերպեցինք եւ գործադրեցինք: Ինծի համար նորութիւն մը եղաւ իր` Անթուրայի որբերէն մէկը ըլլալը, երբ կարդացի իր «Մանկութեան եւ որբութեան յուշերը»:

Բոլորս շատ լաւ գիտենք, որ օսմանեան պետութեան կողմէ ծրագրուած, կազմակերպուած եւ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հայ մանուկները ենթարկուեցան զանազան տեսակի ողբերգութիւններու եւ հրէշային բռնարարքներու: Թուրք գազանաբարոյ եւ ազգայնամոլ պետականութիւնն ու ժողովուրդը առանց խղճահարութեան, խողխողելէ ետք 1,5 միլիոն անօգնական եւ անմեղ հայեր, արիւնոտ ձեռքով ստեղծեցին մարդկային անզուգական եւ սրտաճմլիկ ողբերգութիւնը` հայ որբաշխարհը, իր սրտամորմոք տեսարաններով եւ երեւոյթներով: Հայ որբերը կորսնցնելէ ետք իրենց ծնողները եւ հարազատները, մաքառեցան մահուան դիմաց: Անոնց ճակատագիրը եղաւ դաժան եւ անողոք: Անոնք կրեցին տարագրութեան բոլոր դառնութիւնները: Անոնք տեսան տաժանակիր տառապանք, զրկանք եւ մահ: Անոնք եղան հայ պատմութեան ամէնէն դժբախտ սերունդը: Անշնչացած հայ մանուկներու մարմիններուն յաջորդեց որբացած հայ մանուկներու խեղուած եւ ստրկացած հոգիները:

Հայոց ցեղասպանութեան առաջին շրջանին` 1915-1918, թուրքերը կազմակերպեցին հայ որբերու հաւաքը եւ իսլամացումը, որ տեղի ունեցաւ պետական եւ ժողովրդային մակարդակով:  Հաւաքուած հայ մանուկներուն մեծամասնութիւնը տեղաւորուեցաւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող թրքական որբանոցներու եւ նոր հաստատուած որբանոցներու մէջ: Թրքական այս որբանոցներէն մէկն էր Լիբանանի Այնթուրա գիւղաքաղաքի տխրահռչակ Այնթուրա որբանոցը:

Այդ գիւղաքաղաքը կը գտնուի Պէյրութէն մօտաւորապէս 15 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: 1656-ին Ժեզուիթ վարդապետները հոն կը հաստատեն Այնթուրա քոլեճը: 1834-ին լազարիսթ վարդապետները կը ստանձնեն քոլեճը: 1915-ին Ճեմալ փաշան կը գրաւէ քոլեճը եւ կը վերածէ որբանոցի:

Ճեմալ փաշան Պոլիսէն կը հրաւիրէ փանթուրքիսթ կին գրող եւ ֆեմինիսթ Հալիտէ Էտիպի Հանըմը, որպէսզի ղեկավարէ որբանոցը եւ իրականացնէ հայ որբերու իսլամացումը: Հալիտէ Հանըմ կը դառնայ հայ որբերը թրքացնող ռահվիրայ անձնաւորութիւնը:  Իրեն հետ կը գործէ մօտ 40 անձերէ կազմուած թրքացնող խմբակ մը: 1916-1918 մօտաւորապէս 1000 հայ եւ 200 քիւրտ 3-15 տարեկան որբեր կը պահուին այս որբանոցին մէջ:

Այնթուրայի որբերը եւ ուսուցչական կազմը

Այնթուրայի որբերը եւ ուսուցչական կազմը

Այնթուրայի որբանոցի որբերէն եղած է Գառնիկ Բանեան:

Ան ծնած է Կիւրիւն, 1910-ին: Իր մանկութեան, որբութեան եւ Այնթուրայի որբանոցի յուշերը ան թուղթին յանձնած է իր հասուն տարիքին: Այս բոլորը մեր սեփականութիւնը դարձած են «Յուշեր մանկութեան եւ որբութեան» հատորով:

Գառնիկ Բանեանի սոյն գիրքը լոյս տեսած է 1992-ին, Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն, Պէյրութ, մեկենասութեամբ Սալխանեան եղբայրներուն: Գիրքը կազմուած է ութ գլուխներէ, որոնք կը ներկայացնեն հեղինակին մինչեւ 5 տարեկան մանկութիւնը եւ 5-9 տարեկան տառապալից որբութիւնը:

«Յուշեր մանկութեան եւ որբութեան» հատորը իր ամբողջութեանը մէջ յուշագրութիւն մըն է: Տասնեակ մը տարիներու լռութենէ ետք, վերապրած Գառնիկ Բանեան գրած է իր մանկութեան լաւ, ուրախ, զուարճալի օրերուն եւ որբութեան դժոխային ու տառապալից տարիներուն մասին:

Գառնիկ Բանեանի յուշերը դիւրահասկնալի են եւ մեր յիշողութեան պաստառէն բնաւ չեն ջնջուիր:

«Հայրենի տունս» գլխուն տակ Գառնիկ Բանեան մանրամասնութեամբ կը խօսի ուրախ եւ անմեղ մանկութեան մը, աղուոր ընտանեկան մթնոլորտի եւ անսահման ծնողական գուրգուրանքի, մօր սիրոյ եւ խանդաղատանքի, մօր եւ մեծ մօր պատրաստած համեղ ճաշերու եւ թոնիրի լաւաշ հացի, ծննդավայրի եւ հայրենի տան անուշութեան, հայաշունչ դպրոցական կեանքի, տօնական օրերու արարողութիւններու, հաճելի ընտանեկան պտոյտներու, հաւաքոյթներու ինչպէս նաեւ հարիսայի պատրաստութեան եւ կեր ու խումի մասին: Ան կը նկարագրէ հայրենի բնաշխարհի գեղեցկութիւնը, թռչուններու ճռուողումը, ակի ջուրին կարկաչումը, ինչպէս նաեւ` վարդենիներու, շուշաններու եւ ռեհանի թուփերու գեղեցկութիւնն ու բուրումնաւէտ հոտերը:

Գառնիկ Բանեան պարզութեամբ եւ անուշութեամբ կը նկարագրէ իր մայրն ու հայրը, իր մեծ հայրը եւ հայրենական տունը ու կ՛ըսէ.

«Մայրս համակ ժպիտ ու սէր էր: Իր դէմքին վրայ, իր աչքերուն, իր շրթունքին վրայ կարծէք արեւ կար: Մայրս լուսնի կտոր էր եւ անսահման բարութիւն: Գրել կարդալ հազիւ գիտէր, սակայն եկեղեցական երգերը եւ շարականները գոց գիտէր:

«Հայրս իր հօր մէկ կտորն էր: Ան կօշկակար էր, կը կարէր ընտիր եւ սուղ կօշիկներ, կը կարէր նաեւ եմէնիներ թուրքերուն համար: Ան կուշտ մարդ էր, եւ իր գործերը լաւ կ՛երթային: Ան աշխատասէր էր, առտուները կանուխ կ՛երթար շուկայ եւ իրիկունները մութին հետ տուն կը մտնէր:

«Մեծ հայրս արդար, խոնարհ, մարդասէր, ճառախօս, եկեղեցասէր, աստուածավախ, բարերար եւ եկեղեցի շինող մարդ էր: Քանի՜ քանի՛ անգամներ մերժած էր մզկիթ շինել: Ան հայ եկեղեցւոյ մոլեռանդ հաւատացող էր:

«Մեր հայրենի տան մէջ կը տիրէր առատութիւն, խաղաղ կեանք, համերաշխութիւն, յարգանք, հոն ատելութիւն եւ նախատինք չկար: Մեր տունը աղօթքի տաճար էր, երջանկութեան աղբիւր, հոն կը տիրէր նահապետական եւ պապենական  հայկական կեանք: Հոն կը պատրաստուէր թոնիրի լաւաշ հացը եւ թել պանիրը»:

Հալիտէ Էտիպ

Հալիտէ Էտիպ

Գառնիկ Բանեանի որբութեան յուշերը դառնաղէտ օրերու վերյիշումներ են: Անոնք ցաւ ու տառապանք արտացոլացնող գրութիւններ են, որոնք կը ներկայացնեն հայ անմեղ որբերուն տառապանքը եւ ոճրագործ թուրքին ահաւորութիւնը: Անոնք ոչ միայն ականատեսի մը, այլ նաեւ հայ որբերուն խղճահարելի կեանքը ապրած որբի մը վկայութիւններն են: Անոնք կը ցոլացնեն հայ որբերու ամէնօրեայ սրտաճմլիկ ապրումները եւ կը բացայայտեն մանկութիւն չունեցող հայ որբերու մանկական եւ պատանեկան հոգեխառնութիւնն ու հոգեբանութիւնը: Անոնք արցունքոտ աչքերով կարդացուելիք հայ որբերու տառապանքին վաւերական փաստաթուղթերն են:

Մանուկ Գառնիկի խաչելութեան գողգոթան  կը մեկնի Կիւրիւնէն, կ՛անցնի Մարաշէն, Քիլիսէն, Հալէպէն, Համայէն, Հոմսէն եւ իր գագաթնակէտին կը հասնի Այնթուրայի մէջ:

1915-ի սկիզբը կը սկսի հինգ տարեկան  մանուկ Գառնիկի տառապալից կեանքը: Տեղի կ՛ունենայ օսմանեան պետութեան կողմէ ընդհանուր զօրակոչը: Հետեւաբար Գառնիկին հայրը իր խանութը կը յանձնէ իր թուրք գործաւորին եւ ապրանքները կը ծախէ դրացի թուրք խանութպաններուն: Ան կը հնազանդի պետական զօրակոչին: «Հայրս գնաց, այդ երթալն էր եւ անգամ մըն ալ չտեսանք», կ՛ըսէ Գառնիկ Բանեան:

Կիւրիւնի հայկական թաղերուն մէջ թուրք մունետիկները շրջելով կը յայտարարեն`  «Երեք օրէն հայերու փոխադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ աւելի ապահով վայր, վստահեցէք, դուռերնիդ բաց ձգեցէք եւ գացէք, 2-3 ամիսէն երբ վերադառնաք, ամէն բան իր տեղը պիտի գտնէք, պետութիւնը խիստ կերպով կը հսկէ ինչպէս ձեր կեանքին, այնպէս ալ ձեր տան եւ ինչքերուն վրայ»:

Թուրք պատասխանատուներ կ՛առաջարկեն Գառնիկին մեծ հօր, որ ինք եւ ընտանիքը մնան Կիւրիւն եւ մաս չկազմեն կարաւանին. սակայն ան կը մերժէ` ըսելով. «Կ՛ուզեն, որ հոս մնամ իմ ամբողջ գերդաստանով, որ իրենց համար կառավարական շէնք շինեմ, թուրք մեծ աղաներուն ղոնախներ շինեմ, ետքն ալ ճամի եւ թեքքէ շինեմ, միւս օրն ալ աստուածս ուրանամ եւ տաճիկ ըլլամ: Գիտեմ այս բոլորը: Աւելի լաւ է գաղթականութեան ճամբուն վրայ մեռնիմ, իմ ժողովուրդիս հետ մեռնիմ, քան թէ թրքանամ»:

Գառնիկին մայրը եւ մեծ մայրը շուտով կը պատրաստեն սննդամթերքի բաւարար պահեստ մը, մի քանի հագուստներ, վերմակ եւ ծածկոց: Վերջին ընթրիքի պահուն Գառնիկին մայրը կ՛ըսէ.  «Լա՛ւ կերէք, որովհետեւ երկար պիտի քալենք»:

Մանուկ Գառնիկ իր մօր, մեծ մօր եւ հօր, եղբօր եւ քրոջ հետ տան դուռը բաց ձգելով` դուրս կ՛ելլեն եւ կը միանան Կիւրիւնի հայութեան կարաւանին, որ կը քալէ փոշոտ եւ քարքարուտ ճամբաներէ ու արեւի կիզիչ ճառագայթներուն տակ: Կարաւանը կը քալէ օրական 8-10 ժամ, մէկ ժամ դադարով, կը քալէ հանդարտ եւ մռայլ` երեք ժանտարմաներու հսկողութեամբ: Ծարաւն ու անօթութիւնը կը դառնան համատարած: Առաջին անգամ ըլլալով Գառնիկին  մայրը հացերը կտորներու կը վերածէ ու ամէն մէկուն կտոր մը կու տայ. Գառնիկ խաչ կը հանէ եւ պատառ-պատառ կ՛ուտէ ցամաք հացը: Յոգնած մամիկներ եւ երեխաներ կը ճչան, մամիկ մը կը բացագանչէ. «Դուք գացէ՛ք, զիս հոս ձգեցէք, ա՛լ ուժ չմնաց» ու կ՛իյնայ գետին:

Ֆիզիքական տկարութեան կողքին, հոգեկան անկումի նշաններ կը տեսնուին բոլորին մօտ: «Կը  քալէինք գլխահակ ոչխարներու հօտի մը հնազանդութեամբ, գլուխնիս կախ, շփոթած. մեռած էր երեխաներուն մանկութիւնը, հոգեվարքի մէջ էր անոնց տղայութիւնը», կ՛ըսէ Բանեան:

Կարաւանը, անցնելով Ալպուստանէն, Մարաշէն, Այնթապէն Քիլիսէն` կը հասնի Ռագգայի կայարանը: Հոն ժանտարմաներու հրահանգով բոլոր գաղթականները կը բարձրանան շոգեկառք, որ շուտով կ՛ուղղուի դէպի Համա քաղաքը: Մանուկ Գառնիկ կը տեսնէ անապատի իրականութիւնը ու կ՛ըսէ. «Կայարանի քովերէն սկսած մինչեւ հեռուները անապատ էր եւ այդ անապատի ամբողջ երկայնքին, մինչեւ հորիզոնը` մարդկային բազմութիւն, իրարու վրայ թափուած մարդկային խլեակներ, մեզմէ առաջ եկած գաղթականներ: Հողի ու աւազի վրայ, առանց ծառի շուքին, բաց օդի տակ, արեւու ճառագայթներուն տակ կուտակուած կիներու եւ մանուկներու անծայրածիր ծով մը: Անապատը հո՛ս էր. ո՛չ մէկ շինութիւն, ո՛չ մէկ վրան, լաթի կտորներով եւ սաւաններով շինուած արդիական տուներ` առանց երդիքի»:

Կարաւանը երկար թափառելէ ետք կը տեղաւորուի անծայրածիր գաղթակայանին մէջ, որ լեցուն էր Կիլիկիոյ զանազան շրջաններէն եկած հազարաւոր հայ գաղթականներով: Հեղինակը կը նկարագրէ գաղթակայանի իրավիճակը այսպէս. «Հոն կը տիրէր  հացի, ջուրի, դեղի եւ բժիշկի պակասը. գաղթակայանը վերածուած էր համաճարակ հիւանդութիւններու ոստայնի մը: Անհամար մանուկներ եւ հիւանդներ կը մահանային ամէն օր եւ մեռելակիր սայլը կ՛երթար-կու գար շարունակ. բոլորը կը թաղուէին եւ կուտակուած բլուրի մը տեսք կ՛ունենային: Գարշահոտութիւնը ամբողջ գաղթակայանին մէջ կը բուրէր»:

23 յուլիս 1989-ին, Պէյրութ

Մոնրէալ
30 նոյեմբեր, 2015

(Շար. 1)

 

Viewing all 13490 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>