Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12135 articles
Browse latest View live

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրական Խօսքը` Նոր Տարուան Առիթով. Դառնանք Աստուծոյ Ու Մեր Նմանին

$
0
0

Կը գտնուինք Նոր տարուան սեմին:

Մեր կեանքին մէջ Նոր տարին փուլ մըն է` ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան ճամբով մեր անձին հետ ըլլալու: Մեր անձին հետ ըլլալ, կը նշանակէ անցնող օրերուն մեր ապրած կեանքն ու մեր կատարած գործը քննել ու արժեւորել: Վստահ ենք, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը իրագործումներ կատարեց, յաջողութիւններ ունեցաւ, բարիքներ գործեց. միաժամանակ, իբրեւ անկատար արարածներ, թերացումներ ունեցաւ, սխալներ գործեց: Այդ բոլորի մասին հարկ է մտածել` սխալը չկրկնելու յանձնառութեամբ: Աստուած, մեր երկնաւոր հայրը, ներող է, ինչպէս ներեց Անառակ որդիին: Նոր տարուան սեմին, Աստուծոյ դիմաց կոչուած ենք վերահաստատելու մեր հաւատքն ու ուխտը` քալելու Աստուծոյ ցոյց տուած ճանապարհէն, մեր կեանքը բարի գործերով հարստացնելով:

Նոր տարին Աստուծոյ դառնալու առիթ է ու միաժամանակ` մեր նմանին: Եկէք պահ մը մտածե՛նք, թէ`

Այսօր մեր ազգային կեանքին մէջ որքա՜ն կարիքաւոր ընտանիքներ կան, որոնց կը պակսի նոյնիսկ ամէնօրեայ հացը. մտածե՛նք անոնց մասին:

Այսօր մեր կեանքին մէջ որքա՜ն ուսումնատենչ աշակերտներ կան, որոնք նիւթական պատճառներով չեն կրնար իրենց ուսումը շարունակել. մտածե՛նք անոնց մասին:

Այսօր, մեր ընտանիքներուն, մեր շրջապատին մէջ հիւանդներ կան, որոնք կարիքը ունին բժշկական խնամքի. մտածե՛նք անոնց մասին:

Այսօր, ինչ-ինչ պատճառներով բանտերու խուցերուն մէջ տառապող հայորդիներ կան. մտածե՛նք անոնց մասին:

Այսօր, Արցախի ու Հայաստանի ճակատներուն վրայ գիշեր ու ցերեկ ձիւնին ու բուքին մեր հայրենիքը պաշտպանող զաւակներ ունինք. մտածե՛նք անոնց մասին:

Եկէ՛ք սիրելի հայորդիներ, մտածենք Հայաստանի ու Արցախի մասին, որոնք կարօտը ունին իւրաքանչիւր հայու զօրակցութեան. Հայաստանի ու Արցախի հզօրացումը իւրաքանչիւր հայու ու ամբողջ հայութեան հզօրացումն է:

Սիրելի՛ զաւակներ հայ ժողովուրդի,

Ո՛չ միայն մտածենք նման վիճակներու մէջ գտնուող մեր հայրերուն ու մայրերուն, քոյրերուն ու եղբայրներուն մասին, այլ նաեւ ու մանաւանդ սիրոյ ու օգնութեան ձեռք երկարենք անոնց: Չմոռնանք Քրիստոսի պատուէրը` «որովհետեւ իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք» (Մատթ. 25, 40): Ա՛յս է քրիստոնեայ ըլլալու ճշմարիտ ճամբան:  Չմոռնանք, որ մենք, ո՛ւր որ ալ գտնուինք, ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ ապրինք, նոյն ազգին զաւակներն ենք: Մեր միասնականութիւնը եկէք գործնապէս արտայայտենք իրարու օգնելով, զիրար սիրելով:

Բացուող Նոր տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն կ՛օրհնենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները եւ կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ իր երկնային բարիքներով պայծառացնէ իւրաքանչիւր հայու եւ ամբողջ հայութեան կեանքը: Կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ հեռու պահէ մեր ազգն ու հայրենիքը ամէն տեսակ չարիքէ: Թող Նոր տարին իւրաքանչիւր հայու ու ամբողջ հայութեան կեանքին մէջ նորանոր իրագործումներով լեցուն տարի մը ըլլայ:

Հայրական ջերմ սիրով:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

1 յունուար 2019
Անթիլիաս


Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Ուղերձը` Ամանորի Առիթով. Ամէն Նոր Տարի Նոր Սկիզբ Է

$
0
0

Սիրելի՛ բարեպաշտ ժողովուրդ ի Հայաստան, Արցախ եւ ի սփիւռս,

Ամանորի բերկրալի առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնից ողջունում եւ հայրապետական մեր սէրն ու օրհնութիւնն ենք բերում ամէնքիդ: Ջերմ զգացումներով մեր բարեմաղթանքներն ենք յղում այս պահին ծառայութեան վայրում իրենց պարտականութիւններն իրականացնողներին, հայրենեաց սահմանները անառիկ պահող մեր բանակի սպաներին ու զինուորներին, եկեղեցիներում աղօթքի համախմբուածներին, տօնական սեղանների շուրջ հաւաքուած մեր բոլոր զաւակներին:

Նոր տարուայ սեմին գոհութիւն ենք յայտնում Աստծուն, որ անցնող 2018 թուականին խաղաղ պահեց մեր հայրենիքը եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովրդին, օրհնեց բարիքով, արդար վաստակով եւ ձեռքբերումներով` ազգային ու եկեղեցական կեանքում: Գոհութիւն ենք առ Աստուած բարձրացնում նաեւ, որ մեր ժողովրդի ազգասէր ոգու եւ ողջամտութեան շնորհիւ խաղաղ ընթացք ունեցան քաղաքական զարգացումները մեր երկրում, եւ մենք այսօր 2019 թուականը դիմաւորում ենք դրական տեղաշարժերի սպասումներով:

Ամէն Նոր տարի նոր սկիզբ է, որը լի է նորի ակնկալութեամբ, աւելի լաւի ու կատարեալի ձգտումով: Նոր տարուայ հետ կապում ենք այն ամէնը, ինչը կ՛ուզենայինք բարեփոխել, կարգաւորել եւ շուտով տեսնել մեր նպատակների իրականացումը: Բարեփոխումների պահանջը եւ քաղաքացիական նախանձախնդրութիւնը, որ առկայ են այսօր մեր կեանքում, անկասկած, բարի արդիւնքներ  պիտի բերեն, առաւել խնամք, առաւել ջանք ու ձգտում` ամրապնդելու հիմերը իրաւական պետութեան, արդար, օրինայարգ հասարակութեան, շէնացնելու մեր երկիրը եւ համայն ազգային կեանքը: Սա է մեր ուղին, որը հաստատուն պիտի պահենք` միշտ յիշելով, որ Հայաստանի զարգացումը եւ հզօրութիւնը ազգային մեր իղձերի իրագործման առանցքն է եւ պայմանը Արցախի ապահովութեան եւ սփիւռքի կենսունակութեան:

Սիրելինե՛ր, այս պահին, երբ բարի սպասումների հետ մեր մտահայեացքը ուղղուած է գալիքին, մեր ծրագրերին ու անելիքներին, հայրական յորդորով փոխանցում ենք ձեզ մեր Տիրոջ կենարար պատգամը. «Այս եմ պատուիրում ձեզ, որ սիրէք միմեանց» (Յովհ. ԺԷ. 17): Մեր կեանքը իմաստաւորւում է տէրունապատուէր սիրոյ առկայութեամբ: Որտեղ սէրն է, այնտեղ հաւատն է զօրանում, այնտեղ յոյսն է առատանում, համերաշխութիւնը արդարութեամբ ու բարի գործերով պտղաբերում: «Սէրը երբեք չի անհետանում» (Ա. Կորնթ. ԺԳ 8), ասում է առաքեալը: Այո՛, այն թթխմորի նման աճում է, դառնում կորով, անդուլ ջանք, յանձնառութիւն, որոնցով պիտի ապահովուի մեր կեանքի վերընթացը:

Այս մտորումներով եւ հոգու ուրախութեամբ պատգամում ենք մեր բարեպաշտ ժողովրդին` սիրով ու լաւատեսութեամբ, միմեանց աջակից շարունակել ապրել ու գործել եւ նուիրեալ ջանքեր ներդնել ի զօրացում հայրենի մեր երկրի եւ հոգեւոր ու ազգային մեր կեանքի:

Մաղթում ենք խաղաղութիւն աշխարհին, խաղաղութիւն` մեր հայրենիքին, անսասանութիւն` մեր պետականութեանը, շնորհառատ օրհնութիւն` աշխարհասփիւռ ազգիս հայոց եւ բոլոր ժողովուրդներին: Թող 2019 թուականը ուրախութիւն բերի մեր ընտանիքներին եւ առաջընթաց ու ձեռքբերումներ` մեր կեանքին:

Շնորհաւոր Նոր տարի:

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

1 յունուար 2019
Ս. Էջմիածին

Թրքական Տարօրինակ Լուրեր` Տօնական Օրերուն Ընթերցողները Զուարճացնելու Համար

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

2018-ին հաւաքած եմ արտառոց պատգամներու կամ կանոններու տարբեր օրինակներ, զորս կը պարտադրուին թրքական հասարակութեան:  Բնականաբար միլիոնաւոր ազատամիտ եւ քաղաքակիրթ թուրքեր դժգոհ են այս ժամանակավրէպ կանոններէն, սակայն, քանի դեռ Էրտողան իշխանութեան ղեկին է, նման խիստ միջոցները պիտի շարունակուին պարտադրուիլ բոլոր թուրք քաղաքացիներուն… Ահա քանի մը օրինակ անոնցմէ.

– «Ալ Մոնիթոր»-ի թղթակից Փինար Թրեմպլէյ հաղորդած է, որ «Տիյանեթ»-ը` Թուրքիոյ կրօնական հարցերով վարչութեան կայքը, յայտարարած է, որ «հիմք ընդունելով Մոհամետ մարգարէի յայտնի խօսքերը` մահմետականներուն խորհուրդ կը տրուի ուտել եւ խմել աջ ձեռքով եւ նոյնը սորվեցնել իրենց զաւակներուն, քանի որ «սատանան կ՛ուտէ ձախ ձեռքով»: Իսկ ի՞նչ ընեն անոնք, որոնք ձախլիկ են կամ աջ ձեռք չունին, կը հետաքրքրուին թրքական հասարակութեան բազմաթիւ անդամներ:

– Իսլամական հանրաճանաչ իմամ Իհսան Սենոկըք այս տարուան փետրուարին ազատ արձակուած է «Տիյանեթ»-էն` իր վիճայարոյց յայտարարութենէն ետք այն մասին, որ տաբատ հագնող կիներ մեղաւոր են եւ դժոխք պիտի երթան: Սենոկըք նաեւ յայտարարած է, որ տղամարդը պէտք չէ համբուրէ իր երիտասարդ զոքանչը, քանի որ այդ մէկը կրնայ յանգեցնել գայթակղութեան…

– Թուրքիոյ մէջ «Ինճիրլիք» օդակայանային խարիսխի դրացնութեամբ ապրող Մահմուտ Աքար ըսած է «Սփութնիք» լրատուական միջոցին, որ խարիսխին մէջ տեղակայուած ամերիկացի զինուորները կը գնեն թուրք մանուկներ եւ զանոնք հետագային կը փոխադրեն Միացեալ Նահանգներ` զանոնք կրօնափոխ ընելու եւ քրիստոնեայ դարձնելու համար:

– Պոլսոյ համալսարանի թուրք դասախօս Եաւուզ Օռնեք յունուար 6-ին թրքական հեռատեսիլային կայանէն յայտարարած է, որ Նոյ ջրհեղեղէն առաջ բջջային հեռաձայնով կապ հաստատած է իր մանչ զաւակին հետ: Օռնեք նաեւ յայտարարած է, որ Նոյ իր տապանը կառուցած է պողպատէ կտորներով, ապա զայն աշխատցուցած է հիւլէական ուժանիւթով… «Ես գիտնական եմ եւ կը խօսիմ գիտական տեսանկիւնէ», պնդած է տգէտ Օռնեքը:

– Թուրքիոյ կրօնական հարցերով վարչութիւնը յայտարարած է, որ աղջիկները ինը տարեկանին, իսկ տղաները 12 տարեկանին կրնան ամուսնանալ…

– «Տիյանեթ» նաեւ արձակած է քանի մը «ֆաթուա»- (կրօնական հրովարտակներ)` յայտարարելով, որ «պայթգոյնները անընդունելի են այս պահուն»: Երկրորդին մէջ, որ` տղամարդոց մազերը սեւ ներկելը պատշաճ չէ, ըստ իսլամութեան: Երրորդ մը արգիլած է վիճակախաղի տոմսեր ձեռք բերել կամ աշխատիլ հոն, ուր ոգելից ըմպելի կը վաճառուի: Չորրորդը արգիլած է լսել «անբարոյ երաժշտութիւն»: Սակայն ամէնէն վիճայարոյց «ֆաթուա»-ն այն էր, որ տղամարդը կրնայ ամուսնալուծուիլ կնոջ հետ հեռաձայնով, ելեկտրոնային յղումով, բջիջային հաղորդագրութեամբ կամ նամակով: Ամուսնալուծութիւնը յայտարարելու նման միջոց օգտագործելը նոյնն բանն է, ինչ որ կնոջ երեսին ըսելը: Միակ բանը` կինը պէտք է համոզուած ըլլայ, որ բջիջայինը հաղորդագրութիւնը կամ ելեկտրոնային յղումը ուղարկուած է իր ամուսնոյն կողմէ:

– «Նիւզուիք» հանդէսը մեջբերած է թուրք իսլամ քարոզիչ մը, որ յայտարարած էր Ֆաթիհ Մետրեսելերի կրօնական հեռատեսիլային ալիքով, թէ առանց մօրուքի տղամարդիկ «չեն կրնար տարբերիլ կիներէն» եւ կրնան ուրիշ տղամարդոց մէջ «անպարկեշտ միտքեր» յառաջացնել: «Տղամարդիկ պէտք է մօրուք աճեցնեն: Մօրուքը մարդու մարմնի երկու մասերէն մէկն է, որով տղամարդը կը տարբերի կնոջմէ», յայտարարած է Մուրատ Պաեարալը: «Եթէ հեռուն երկար մազերով մարդ տեսնէք, կրնաք մտածել, որ ան կին է, եթէ մօրուք չունի, որովհետեւ այսօր կիներ եւ տղամարդիկ միանման կը հագնին: Աստուած չընէ… Դուք կրնաք անպարկեշտ միտքեր ունենալ, բացատրած է ան` արտայայտելով այն վախը, որ տղամարդիկ կրնան նոյն սեռի մարդոց նայիլ սեռական հետաքրքրութեամբ:

– Ինչպէս նշած էի իմ նախորդ յօդուածներէս մէկուն մէջ, Թուրքիոյ նախկին փոխվարչապետ Պիւլենթ Արինճը յայտարարած է, որ` «կիները պէտք չէ բարձրաձայն խնդան հասարակութեան մէջ»:

Ըստ «Նիւզուիք»-ի, վերոյիշեալ ուղերձները ցոյց կու տան, որ նախագահ Էրտողան կը փորձէ Թուրքիան առաջնորդել «կրօնական ուղիով` իսլամական ազգայնականութեան նոր տարբերակով: 1923 թուականին, ժամանակակից Թուրքիոյ հիմնադրումէն ի վեր, «աշխարհիկութիւն» բառը ամրագրուած է Թուրքիոյ սահմանադրութեան մէջ: Սակայն Էրտողան հետզհետէ կը յորդորէ, որ կրօնը հասարակական կեանքի մաս դառնայ: Եղափոխութեան դասերը անցեալ տարի ջնջուած են հանրային դպրոցներու ուսումնական ծրագիրներէն, իսկ կառավարութիւնը թոյլատրած է, որ դպրոցներու մէջ աղջիկները գլուխնին ծածկեն, բան մը, որ անցեալին արգիլուած էր»:

«Նիւզուիք»-ի թղթակից Քրիսթինա Մազան եզրակացուցած է. «Այսօր Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը կանգնած է որոշում կայացնելու շատ բարդ խնդիրի առջեւ. միաժամանակ ինչպէ՞ս կառավարել իր հասարակութեան կրօնական եւ աշխարհիկ երեւոյթները: «Մահմետական  աշխարհին  մէջ  հաւատացեալները  վերահաստատուած  են  շարք մը տարամէտ հոսանքներով: Սա անխուսափելիօրէն խթանած է մահմետականներու զանգուածները Թուրքիոյ մէջ», ըսած է աշխարհաքաղաքագէտ Ճորճ Ֆրիտմըն` Ռիլ Գլիր Ուորլտի համար գրուած ապրիլեան խմբագրականին մէջ: «Աշխարհիկ, եւրոպական մշակոյթը, որ կը գերակշռէր երկրին մէջ, կը հակադրուի կրօնական հզօր պահանջներուն: Քաղաքական եւ ընկերային հիմնական հարցը այն է, թէ ինչպէ՛ս ստեղծել միասնական պետութիւն` կառուցուած երկու տարբեր մշակոյթներու վրայ»:

Յոյսով ենք, որ նախագահ Էրտողան եւ անոր յետամնաց իմամները 2019-ին տարօրինակ նոր հրովարտակներ կ՛արձակեն` Թուրքիան վերադարձնելով քարէ դար…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
Սեդա Գրիգորեան

 

Սկիւռներու Օգնութեան Առաջարկը` Կաղանդ Պապուկին (Հեքիաթներու Աշխարհէն)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ 

Ամիսներ առաջ Ամանորի պատրաստութեան աշխատանքները արդէն իրենց հունին մէջ էին: Ինչպէս միշտ, Կաղանդ պապուկը, կարդալէ ետք փոքրիկներուն կողմէ իրեն ուղարկուած բոլոր նամակները, լծուած էր նուէրներու ցանկագրումին:  Պէտք է ըսել, որ այդքան ալ դիւրին գործ չէր ատիկա, որ սակայն սիրով եւ ծով համբերութեամբ կը տանէր Կաղանդ պապուկը:

Այո՛, դիւրին չէր նման գործ, որովհետեւ տարուէ-տարի ոչ միայն կ՛աւելնար փոքրիկներուն ակնկալած նուէրներուն այլազանութիւնը, այլեւ աշխարհի տարածքին սկսած էր շատնալ աղքատ ու անտէր փոքրիկներուն թիւը:

Թէեւ Կաղանդ պապուկը վարժ էր նման դառն վիճակներու, յատկապէս Նոր տարուան գիշերը` ծանրաբեռնուած շրջելու եւ նուէրները բաժնելու, այդուհանդերձ զգալի էր, որ անոր հոգիին ու մտքին մէջ կը խլրտային բազում մտահոգութիւններ եւ բազմաբնոյթ հարցեր:

Ինչպէս գիտենք, համաշխարհային հռչակ եւ հեղինակութիւն վայելող այս եզակի տիպարին բնակավայրը երկրագունտի բեւեռային շրջանն է եղած, հին ժամանակներէ ի վեր, ուր սառցադաշտերը, ձիւնածածկ լեռներ ու անտառները, տոկուն եւ մուշտակածածկ անասուններու տեսականին` կը գեղեցկացնեն հրաշալի բնութիւնը:

Ամանորը նախորդող օրերուն Կաղանդ պապուկը կ՛որոշէ իջնել մօտակայ քաղաք, որպէսզի մօտէն ծանօթանայ շրջանին մէջ ապրող երեխաներուն կեանքին ու անոնց հետաքրքրութիւններուն:

Քաղաքը, թէեւ ուղղակի ազդեցութեան տակ էր բեւեռային կլիմային, բայց այդ օր յարաբերաբար բարեխառն օդ ունէր: Բնակչութիւնը, իր կարգին, օգտուելով երկինքի պայծառութենէն, հաւաքուած էր հանդիպակաց զբօսավայրերու մէջ` առիթ մը տալով իրենց զաւակներուն բացօթեայ խաղալու եւ վայելելու բնութեան ընձեռած բարիքը:

Այդ օր Կաղանդ պապուկը չէր հագած իր ամանորեան զգեստը: Ան ձեւով մը հանրութեան կը ներկայանար իբրեւ սպիտակ մօրուսաւոր մը, որ հանդարտ կը ճեմէր ու ակնդէտ կը նայէր շուրջ բոլոր` զննելով իւրաքանչիւրին դէմքը, խօսակցութիւնն ու շարժուձեւերը:

Ան կը նկատէ, որ հակառակ Ամանորի մօտալուտ ըլլալուն, թէ՛ ծնողքի, եւ թէ երեխաներու վերաբերումը սովորական էր, այսինքն` անոնց համար տօնական օրերը այդքան ալ խանդավառութիւն չէին ներշնչեր: Փաստօրէն կը տիրէր անտարբերութիւն մը, որ պատճառ կը դառնար Կաղանդ պապուկի, այսպէս ըսած, յուսահատութեան եւ ընկճուածութեան:

Ճիշդ է, որ քաղաքի փողոցներն ու հրապարակները զարդարուած էին Ամանորի տօնածառերով, սակայն, ընդհանրապէս, ժողովուրդին հոգեվիճակն ու խօսակցութիւնը տարբեր բան կը յուշէին: Ըստ երեւոյթին, Կաղանդ պապուկը կ՛ակնկալէր, որ մեծերն ու փոքրեր աւելի մօտէն եւ հարազատութեամբ հետաքրքրուէին, թէ տօնական օրերը որքանո՞վ ուրախութիւն եւ բարօրութիւն պիտի պարգեւեն, կամ` երեխաներու խօսակցութիւնը ի՛նչ պիտի ըլլար, եթէ ոչ Կաղանդ պապուկին բերելիք նուէրները եւ այլն:

Սակայն իրականութիւնը այլ էր. մեծերու խօսակցութեան առանցքը իրենց առօրեայ կեանքին կը վերաբերէր, իսկ փոքրերու համար, կարծես թէ, սովորական երեւոյթ մըն էր` ամանորեան ստանալիք նուէրները:

Ի դէպ, այդ պտոյտին ընթացքին Կաղանդ պապուկը նկատած էր, որ բազմաթիւ երեխաներ, հակառակ անոր որ իրենց ծնողքին հետ կը գտնուէին խաղավայրերու մէջ, բայց եւ այնպէս անոնց մէջ կային որոշ թիւով երեխաներ, որոնք մասնակից չէին վազվռտուքի, ֆիզիքական մասնակցութիւն պահանջող խաղերու կամ նմանօրինակ մանկական շարժուձեւերու: Փաստօրէն, անոնք իրենց ձեռքին ունէին փոքրիկ սարքեր, այսպէս ըսած, բջիջային հեռաձայներ, որոնցմով կլանուած էին եւ «ընկղմած» տուեալ սարքին պաստառին մէջ… կարծես մոռացութեան տուած էին մանկական տարիքի չարքաշութիւնն ու խաղ-ձայներու հանդէսը:

Միւս կողմէ, ծնողներ, իրենց կարգին, հմայուած ըլլալով նման սարքերով, ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տային իրենց երեխաներուն հանդէպ, այլ ձգած էին զանոնք իրենց ճակատագրին եւ յանձնած դաժան բախտին:

Ի տես այս բոլորին, Կաղանդ պապուկին ներաշխարհը կ՛ալեկոծէր, եւ արդէն անոր դէմքին վրայ տեսանելի էր սրտնեղութեան ամենախոր արտայայտութիւնը:

Անոր մղձաւանջին պատճառը յստակ էր. արդի ժամանակներու երեխաներ սկսած էին կորսնցնել իրենց մանկութիւնը: Այլ խօսքով եւ տարբեր բացատրութեամբ մը, անոնք մեր օրերու մանկութիւն չունեցող երեխաներն էին:

Քաղաքին մէջ երկար թափառելէ ետք Կաղանդ պապուկը կ՛որոշէ նստիլ հսկայ ծառի մը տակ` ծաղկած մարգագետինի մը հանդիպակաց: Ան, թիկունքը ծառին տուած, կը սկսի երգել իր կաղանդի հոգեգրաւ երգերը: Ճիշդ է, որ ուրախութեան եւ խանդավառութեան երգեր էին անոնք, որոնք Կաղանդ պապուկին շրթներուն հաճելի մեղեդիութիւն մը ունէին, այդուամենայնիւ, Նոր տարին խորհրդանշող պապուկին սիրտը կը թրթռար անսովոր տխրութեամբ եւ ներքին տառապանքի մը ցաւով:

Ըսինք, որ բեւեռային շրջաններու թէ քաղաքներու մէջ հանրածանօթ են տարբեր տեսակի անասուններ, որոնք կը յատկանշուին իրենց գեղեցիկ եւ պսպղուն  մուշտակով, ինչպէս` սպիտակ արջեր, վայրի նապաստակներ, աղուէսներ, սկիւռներ, թռչնազգին տեսականի եւ այլն, որոնցմէ շատեր արդէն ընտանիացած են քաղաքի կեանքին եւ կ՛ապրին ժողովուրդին հետ:

Փաստօրէն, գունաւոր մուշտակով սկիւռներ արդէն իրենց գոյութիւնը պարտադրած են հանրային պարտէզներու մէջ, ուր մեծեր ու փոքրեր կու գան եւ կը կերակրեն զանոնք: Անոնք ձեւով մը դարձած են հանրութեան մտերիմները եւ բերկրանք պատճառող անասունները:

Հսկայ ծառին վրայ բոյն հաստատած սկիւռներ յանկարծ կը դադրեցնեն իրենց ճռուողիւնը, երբ կը լսեն բարձրացող երաժշտութիւնը: Անոնք ծանօթ էին եղանակին, սակայն չէին գիտեր, թէ ո՞վ էր երգողը, որ նստած էր իրենց ծառին տակ:

Առ ի հետաքրքրութիւն, սկիւռները իրար ետեւէ ծառէն կ՛իջնեն եւ ապշած կը նային սպիտակ մօրուսաւորին, որուն այտերու կարմրութիւնը, սեւ ու փայլուն աչքերուն ցոլքերը, խանդաղատանքով առլցուն ձայնը եւ հեզահամբոյր հոգին անմիջապէս կը կախարդեն զիրենք: Սկիւռները մարդամօտ ըլլալով, անմիջապէս կը շրջապատեն Կաղանդ պապուկը, առանց ճանչնալու զինք:

Երբ քնքուշ ձայնը կը դադրի երգելէ եւ մօրուսաւորը իր նայուածքը կ՛ուղղէ  շրջապատին, անմիջապէս ներքին ուրախութիւն մը կը պատէ զիրենք: Թէ՛ ինք եւ թէ սկիւռները կ՛անդրադառնան, որ մտերմութիւն մը ստեղծուած է իրենց միջեւ:

Տարիքով քիչ մը մեծ սկիւռ մը հարց կու տայ Կաղանդ պապուկին, թէ ինչո՞ւ անոր երգերը տխուր կը հնչէին, հակառակ անոր որ անոնք տօնական օրերու նուիրուած էին: Աւելի՛ն. ան կը համարձակի ըսել, որ յուսահատութիւնն ու ընկճուածութիւնը կ՛արտացոլային սպիտակ մօրուսաւորին դէմքէն. արդ, ի՞նչ էր պատճառը:

Իր կարգին, Կաղանդ պապուկը, ի տես սկիւռներու բարի վերաբերումին ու ազնիւ հետաքրքրութեան, կը բացայայտէ ինքզինք եւ կը պատմէ իր տխրութեան բուն պատճառը` անոնցմէ օժանդակութիւն խնդրելով:

Ընդունուած է ըսել, որ կենդանական աշխարհին մէջ սկիւռները, թէեւ փոքր են մարմնով, սակայն տոկուն են ֆիզիքապէս եւ շատ արագաշարժ: Անոնք օժտուած են երկու յատկութեամբ` աշխուժ են, գործունեայ եւ իրենց սեւ ու փայլուն աչքերով  դիմացինին  հոգեկան աշխարհը մուտք գործելու կարողութիւնը ունին:

Սկիւռները երբ կը լսեն Կաղանդ պապուկին տխուր պատմութիւնը, ինչ կը վերաբերի ծնողաց եւ երեխաներու պարզած վիճակին, անմիջապէս կը հաւաքուին, կը խորհրդակցին, եղելութիւնը կը վերլուծեն, կը ծրագրեն եւ օժանդակութեան ձեռք կ՛երկարեն Կաղանդ պապուկին:

Առաջին հերթին անոնք իրենց պատկերացումը կը յայտնեն Կաղանդ պապուկին` ըսելով, որ ան երբեք պէտք չէ յուսահատի, այլ շարունակէ իր բարերար ու ազնիւ աշխատանքը: Փաստօրէն, Կաղանդի պապուկին նուէրները գրեթէ շինուած կ՛ըլլային փայտի տեսակներէ, որոնք հաւաքուած էին անծայրածիր անտառներու ծառերէն: Ան դարեր շարունակ մեծ համբերութեամբ շինած էր այնպիսի գեղեցիկ ու դաստիարակիչ խաղալիքներ, որոնք միշտ ալ հիացումի առարկայ դարձած են աշխարհի փոքրիկներու կողմէ: Ան ձեռամբ շինած է այդ բիւր տեսականի նուէրները եւ հերթաբար բաշխած աշխարհի փոքրիկներուն:

Կը պատմուի, թէ Կաղանդ պապուկին բնակարան-դղեակը կը գտնուէր անտառին կեդրոնը, որ, ձիւնով ծածկուած ըլլալով հանդերձ, լուսաւոր կը մնար ամբողջ տարուան ընթացքին: Դղեակին մօտ կար հսկայ տարածքով ագարակ մը, ուր ան կը բուծանէր հարիւրաւոր տեսակի անասուններ, մասնաւորաբար` եղջերուներ, որոնք իր ամէնէն սիրելի կենդանիներն էին:

Այս եղջերաւոր անասունները կը յատկանշուէին իրենց ուժեղ կազմուածքով եւ արագաշարժ յատկութեամբ: Փաստօրէն, Կաղանդ պապուկը, շնորհիւ անոնց եւ արագասոյր սահնակին, կարողութիւնը կ՛ունենար ի հարկին թռչելու երկինքն ի վեր եւ մէկ օրուան ընթացքին պտտելու աշխարհով մէկ:

Եւ ահա, նման մթնոլորտի մէջ, սկիւռները կը լծուէին աշխատանքի: Անոնք, ըլլալով բնութեան սիրահարներ եւ դաստիարակութեան հաւատացող անասուններ, կը սկսին մտածել, թէ ինչպիսի՞ ձեւերով պիտի կարենան շինել արդի շունչով նոր խաղալիքներ, որոնք իրենց գունաւոր, աչքառու եւ հետաքրքրաշարժ յատկութեամբ պիտի կարենային երեխաներու ուշադրութիւնն ու միտքը գրաւել:

Ճիշդ է, որ շատ ժամանակ չունէին, սակայն անոնք խոստացած էին իրենց նուիրական օժանդակութիւնը բերել Կաղանդ պապուկին, որպէսզի Նոր տարուան գիշերը կարենար նուէրները բաժնել եւ գոհունակութեամբ վերադառնար իր տունը:

Հեքիաթագիրներ կը պատմեն, որ հազարաւոր սկիւռներ կը հաւաքուին եւ կը շրջապատեն Կաղանդ պապուկը: Անոնք նեցուկ կը կանգնին անոր, որպէսզի ան իր լրումին հասցնէ ամէնամեայ իր սրբազան առաքելութիւնը:

Պահ մը, սկիւռները կը մոռնան իրենց առօրեայ խաղերն ու ժամանցը, եւ տիւ ու գիշեր կ՛աշխատին պատրաստելու անհամար խաղալիքներ, որոնց մէկ ստուար մասը կը յատկանշուի արդիականութեամբ եւ առաւել գեղեցկութեամբ:

Կը պատմուի նաեւ, որ բեւեռային քաղաքներու բնակիչները, որոնց վարժ էր սկիւռներու ամէնօրեայ ներկայութիւնը` պարտէզներու, բնակարաններու թէ բացօթեայ վայրերու մէջ կը նշմարեն, որ Ամանորի նախօրէին, սկիւռները կարծես լքած ու հեռացած էին քաղաքներէ. անոնք տեսակ մը շփոթի մատնուած էին եւ չէին գիտեր պատճառը:

Այդուհանդերձ, կը պատմուի, որ գիւղացիներ, որոնք կ՛աշխատէին հեռաւոր անտառներու մէջ փայտահատութեամբ, ագարակաբանութեամբ կամ կը զբաղէին անասնաբուծութեամբ, նկատած են, որ հեռաւոր ձիւնածածկ անտառներու կեդրոնը, արեւու զօրութեամբ լոյս մը անընդմիջաբար կը լուսաւորէր այդ հողատարածքը: Անոնք զարմացած էին ի տես այս երեւոյթին, սակայն բացատրութիւն չունէին:

Հետագային, երբ սկիւռները համախումբ կը վերադառնան քաղաքներ, անոնք կը պատմեն բնակիչներուն, թէ այդ լուսաւոր հողատարածքը խորքին մէջ Կաղանդ պապուկի բնակարանն էր, որ վերածուած էր հսկայ աշխատանոցի, ուր աշխարհ կու գային տեսականի խաղալիքներ: Սկիւռներն անգամ հրաշքի համազօր կը նկատէին երեւոյթը եւ մեծ յարգանքով կը խօսէին Կաղանդ պապուկի տիպարին մասին:

Առանց չափազացութեան կարելի է ըսել, որ մարդամօտ եւ ազնուասիրտ սկիւռները գրեթէ ամբողջութեամբ եւ հիանալի յանձնառութեամբ կատարած էին իրենց խոստումը` թեւ եւ թիկունք ըլլալով Կաղանդ պապուկին, որուն հետ որոշակի ժամանակ մը ապրելէ ետք, համոզուած էին անոր բացառիկ ուժին, կարողութեան, մարդկային ըմբռնումներուն, խոր գիտակցութեան եւ անսահման նուիրումին:

Նոր տարուան գիշերուան մնացած էր քսանչորս ժամ: Սկիւռները աւարտած էին իրենց անգնահատելի աշխատանքը: Անհամար խաղալիքներ պատրաստուած էին եւ ցանկագրուած, այլապէս ալ անոնք զետեղուած էին գոյնզգոյն տուփերու մէջ եւ բաժնուած, ըստ նախասիրութիւններու եւ երկիրներու:

Ճիշդ է, որ Կաղանդ պապան յոգնած էր. ան լուսցուցած էր բազում գիշերներ, որպէսզի օրին հասցներ իր խաղալիքները եւ պատրաստուէր ճամբորդութեան:

Սկիւռները դադրեցնելէ ետք իրենց աշխատանքը, կը համախմբուին եւ կ՛որոշեն առաջարկով մը ներկայանալ Կաղանդ պապուկին: Անոնք կը մտնեն դղեակ, ուր կրակարանին մօտ նստած էր Կաղանդ պապուկը: Այլապէս ալ կը զարմանան բնակարանի լուսաւոր ու շէնշող երեւոյթին: Ամուր գերանէ շինուած բնակարանը զարդարուած էր գունաւոր լոյսերով, պատկերներով եւ գեղեցիկ կահ-կարասիով: Անոնք կը նշմարեն, որ պատերէն կախուած էին դարձեալ գունաւոր գուլպաներ, որոնց վրայ արձանագրուած էին փոքրիկներու եւ երկիրներու անուններ:

Սկիւռները, իրենց օժանդակութիւնը իր լրումին հասցնելու գոհունակութեամբ, կ՛առաջարկեն, որ երկու սկիւռ միանան Կաղանդ պապուկի ճամբորդութեան, որպէսզի իրենք ալ տեսնեն տարբեր երկիրներու երեխաներու ուրախութիւնը, մօտէն ճանչնան աշխարհի տարածքին զանազան երկիրներու բնակիչները, տեսնեն Նոր տարուան աւանդական խրախճանքները եւ վերադառնան իրենց բնակավայրը:

Կաղանդ պապուկը ուրախութեամբ կ՛ընդառաջէ եւ կը սկսի սահնակի ու եղջերուներու պատրաստութեան: Ան կը հագնի կարմիր զգեստը, կը կապէ փայլուն գօտին, կը մաքրէ սեւ մոյկերը, գլխուն կը դնէ գլխարկը եւ նուէրները կը բեռցնէ հարիւրաւոր սահնակներու վրայ: Յատկանշական է, որ եղջերաւոր անասունները կարօտով կը սպասէին այդ օրուան, որպէսզի ազատ ու համարձակ թռչէին երկինքի բաց տարածքին` իրենց ուղղութիւն ունենալով պսպղուն աստղերը:

Կաղանդ պապուկը ամբողջացնելէ ետք պատրաստութիւնը, մէկիկ-մէկիկ կը փաթթուի եւ կը համբուրէ եղջերաւոր անասունները եւ իր քով նստեցնելէ ետք սկիւռները` կը սկսի հեռաւոր ճամբորդութեան:

Կը պատմուի, որ Նոր տարուան գիշերը մեծեր ու փոքրեր զարմանքով կը լսեն երկինքի վրայ սուրացող սահնակին ձայնը: Այս անգամ Կաղանդ պապան իրեն հետ ունէր նաեւ սկիւռներ, որոնք մեծ ուրախութեամբ կ՛երգէին կաղանդի երգեր եւ առանց ժամանակ կորսնցնելու` նուէրներու տուփեր կ՛իջեցնէին ծխնելոյզերու մէջ, զանոնք կը տեղաւորէին տօնածառերու կողքին, կը համբուրէին քնացած փոքրիկներու այտերը եւ խանդավառութեամբ կը շարունակէին ճամբորդութիւնը:

Զարմանալի տօնախմբութիւն կը տիրէր երկրագունտի ամբողջ տարածքին: Մարդիկ հրաշքի համազօր երեւոյթ կը նկատէին, ի տես պատահածին եւ նորարար նուէրներուն, որոնք թէեւ աւանդական փայտով շինուած էին, սակայն կ՛ընդգրկէին արդի շունչով դաստիարակչական խաղալիքներ:

Իրօք, երեխաները հասկցած էին Կաղանդ պապուկին պատգամը, եւ շատեր կը յիշէին այն սպիտակ մօրուսաւորը, որ ժամանակ մը, այցելած էր իրենց քաղաքը եւ որոշած փոխել արդի մարդու մեքենայացած կեանքը:

Կարմիր այտերով եւ սպիտակ մօրուսով Կաղանդ պապուկը յաջողած է իր առաքելութեան մէջ:

27-12-2018

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Միշտ Առաւելագոյնը Տալով

$
0
0

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը այն կազմակերպութիւնն է, որ հերոսներու սխրանքներով լեցուն պատմութիւն կերտելով` իրաւամբ դարձաւ ազգակերտ ու հայրենակերտ կուսակցութիւն:

Ազգակերտ դարձաւ, որովհետեւ ստրկութեան մէջ ապրող ժողովուրդին ազգային հպարտութիւն ներշնչեց եւ անոր ոգեղէն զարթնումի մղեց: Հոգեպէս ազատագրելով հայ մարդը`  ազգային գիտակցութեամբ լուսաւորեց անոր  ներաշխարհը ու յեղափոխութեան մղեց զինք:  Այլ խօսքով, 6 դարու ստրկութենէն ետք իր իրաւունքներուն համար մարտնչող ազգը կերտեց:

Հայրենակերտ կուսակցութիւն դարձաւ, որովհետեւ ազատագրական պայքարի կազմակերպումով անկախ Հայաստանի կերտման ճամբան բացաւ, յեղափոխական սերունդներու հոգիներուն մէջ պայքարի հաւատք սերմանեց ու իր շուրջ համախմբելով բոլոր ազնիւ մարտնչողները, գործակցելով բոլորին հետ` քաղաքական, պատերազմական ամենադաժան ու անյուսալի պայմաններուն մէջ անկախ հայրենիք կերտեց:

19-րդ դարուն անոր նպատակը անկախ հայրենիքի կերտումն ու հայ ժողովուրդի ազատագրումն էր: Այսօր ունինք անկախ հայրենիք ու ազատ ժողովուրդ, սակայն արդար ու ժողովրդավար համակարգ ստեղծելու մարտահրաւէրին ընդառաջ` գործելու պարտաւորութիւն ունի նաեւ կուսակցութիւնը: Միւս կողմէ` գոյութիւն ունի արցախեան պայքար, Հայ դատ, ամբողջական հայրինիքին տիրանալու ձգտում եւ սփիւռք դարձած հայութիւն:

Ուստի Դաշնակցութիւնը իր փառաւոր անցեալով հայ կեանքի ներկայ մարտահրաւէրներուն անսալու, քաղաքական եւ իմացական ճակատներու վրայ ներկայ սերունդներու նորագոյն գաղափարներուն, նորանոր սխրանքներուն դրօշակիրը ըլլալու պարտաւորութիւնն ու յանձնառութիւնը ունի` գաղափարական իր հիմքով, մշտանորոգ գործելաոճով:

Որովհետեւ Դաշնակցութիւնը լոկ կուսակցութիւն մը չէ: Ան հայ ժողովուրդի իղձերուն մարմնացումն է, այս իսկ պատճառով դաշնակցականութիւնը լոկ կուսակցականներու մենաշնորհը չէ, ազգային տենչերով ապրող իւրաքանչիւր հայու էութիւնն իսկ է: Մարտնչող զինուորին զէնքն է Դաշնակցութիւնը, պաքարող մտաւորականին գրիչն է, աշխատունակ բանուորին բազուկն է ու գիւղացիին բահն ու բրիչը: Այս բոլորին հանրագումարն է ան, ու այս բոլորը Դաշնակցութեան ուշադրութեան առարկան պիտի դառնան նաեւ: Այդպէս պէտք է ընկալել Դաշնակցութիւնը` դէպի դուրս բացուող եւ բոլորը իր մէջ ընդգրկող կուսակցութիւն որպէս:

Ներկայ յարափոփոխ պայմաններուն մէջ ան կոչուած է քայլ պահելու իր ժամանակին հետ եւ նոյն այդ ժամանակին շունչով վերափոխուելու տեւաբար ու վերափոխելու իր շրջապատը:

Ըլլալով գործնապաշտ ու իրատես` ՀՅԴ-ն յաճախ գործած է ու պիտի գործէ բազում զոհողութիւններով, նոյնիսկ նուազագոյն արդիւնքին յանգելով` պիտի գործէ առաւելագոյն ճիգով, նոյնիսկ նուազագոյն բերքը ստանալով, սակայն, ամէն բանի մէջ նուազագոյնի փոխարէն, առաւելագոյնը տալու պատրաստակամութեամբ:

«Գ.»

Այսօր Նոր Արշակ Ջամալեանններու Կարիք Ունինք

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

27 դեկտեմբեր 1940-ին հասարակական, քաղաքական, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ընթացքին պետական գործիչ եւ դաշնակցական տեսաբան Արշակ Ջամալեանը իր մահկանացուն կնքեց:

Յաճախ, երբ ազատ ժամանակ ունենամ, կը թղթատեմ ու հաճոյքով կը կարդամ հայկական հասարակական ու քաղաքական կեանքին վերաբերող գիրքեր, գրքոյկներ, պաշտօնաթերթեր ու զանազան հրատարակութիւններ: Ինծի ամէնէն սիրելի հրատարակութիւններէն մին է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Դրօշակ» պաշտօնաթերթը:

Վերջին քանի մը շաբաթներուն, երբ սկսայ կարդալ «Դրօշակ»֊ յունուար 1926-ի թիւ 1-ին մէջ (249) լոյս տեսած «Ծրագրային խնդիրներ» յօդուածը, ապա մարտ 1926-֊ին «Դրօշակ»-ի թիւ 3-ին (251), ապրիլ 1926-ի թիւ 4-ին (252) եւ մայիս 1926-ի թիւ 5-ին (253) մէջ «Ծրագրային հարցեր» բաժինով «Մարքսիզմի փոխակերպութիւնները Հայդըրբըրգի ծրագրում» յօդուածաշարքը, յանկարծակի աչքիս զարկաւ այդ յօդուածներու հեղինակին ստորագրութիւնը` Արշակ Ջամալեան:

Ջամալեան խոր ուսումնասիրութիւնը կատարելով Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան այդ ժամանակուան նոր հրատարակուած ծրագիրին(1925), նոր շունչ եւ նոր ոգի հաղորդեց հայկական քաղաքական մտքին ընդհանրապէս ու ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարաբանական վաստակին` յատկապէս քայլ պահելով միջազգային ընկերվարական մտածողութեան զարգացման հետ:

Ընկերվարութիւնը, չոր ու քարացած գաղափարախօսութիւն մը չէ, որ մնայ նոյն ուղղութեան վրայ` իր ձեւաւորման օրէն մինչեւ վերջ, այլ յառաջդիմական ու լայնամիտ գաղափարախօսութիւն մըն է, որ ինքզինք կը վերանորոգէ ենթակայական ու առարկայական զարգացումներուն հետ` միշտ ալ ձգտելով կերտել աւելի արդար համակարգ:

Արշակ Ջամալեան իր «ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ ընկերվարութիւնը» աշխատութիւնը գրելու ժամանակ նկատի առած էր մարդիկ, որոնք յոռետես գտնուած են (ու տակաւին կը գտնուին)` ըսելով, որ ընկերվարութիւնը մարդկային արդարութեան պահանջէն բխած գեղեցիկ երազ մըն է, բայց անոր իրականացումը խիստ թէական է:

«ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ ընկերվարութիւնը» աշխատութեան մէջ ան կը պատասխանէ այդ յոռետեսներուն` ըսելով. «Բացատրեցէ՛ք այս ընկերներուն, թէ մարդկութիւնը, իր քաղաքակրթական վերելքի ընթացքին, ի՛նչ ցնորական երազներ իրականացած է գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ հանրային կազմակերպչութեան մարզերուն մէջ, երազնե՛ր, որոնց յղացումն իսկ ժամանակ մը համազօր կը նկատուէր մտաւոր խանգարման կամ խելագարութեան. ցոյց տուէ՛ք, թէ մարդ անհատը ի՛նչ հսկայական ճանապարհ կտրած-անցած է դէպի «հրեշտականման» կատարելութիւն, սկսած այն օրէն, երբ ան իր ձեռքը ընկած մերձաւորին կը յօշոտէր ու կը լափէր, միաժամանակ հասկցնելով անոնց, թէ ներկայ հասարակարգին մէջ տիրող շահագործումը, տնտեսական անապահովութիւնը, ընդհանրապէս նիւթական շահերու աններդաշնակութիւնը ի՛նչ աւերիչ դեր խաղցած են մարդ-անհատի կատարելութեան գործին մէջ. պարզեցէ՛ք անոնց, թէ առարկայական ի’նչ գործօններ կան հանրային կեանքին մէջ, որոնք անխուսափելի կը դարձնեն ընկերվարութեան իրականացումը. վերջապէս, պատմեցէ՛ք անոնց ընկերվարական մտքի ու շարժումներու յաղթական ընթացքը եւ այն հսկայական նուաճումները, որ անոնք կատարած են միայն վերջին տասնամեակներուն ընթացքին»: Արշակ Ջամալեան իր «ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ ընկերվարութիւնը» աշխատութեան մէջ կը գրէ այդ յոռետեսներուն մասին, որոնք տարակուսանքի մէջ էին ընկերվարութեան իրականացման գծով` տեսնելով այդ մէկը իբրեւ «ցնորապաշտ» կամ «գեղեցիկ երազ»: Ան կ՛աւելցնէ. «Երբ այս աշխատանքը կատարէք, իսկոյն կը նկատէք, որ ձեր դիմացը նստած դաշնակցականի յոռետեսութեան սառոյցը կը հալեցուի եւ անոր տարակուսանքը` ընկերվարութեան անհրաժեշտութեան եւ հնարաւորութեան մասին, զգալի չափով կը վերանայ»:

Ներկայիս ալ դժբախտաբար կան նոյնանման մարդիկ, որոնք ընկերվարութիւնն ու անոր համամարդկային արժէքները կը նկատեն «ժամանակավրէպ», «հինցած» կամ «անիրականանալի»: Նոյն այդ յոռետեսները այսօր կարիքը ունին դիտելու, թէ ինչպէ՛ս Սպանիան ու Փորթուգալը յաղթահարեցին տնտեսական ճգնաժամը` շնորհիւ ընկերվարական կուսակցութիւններուն վարած քաղաքականութիւններուն: Ուսումնասիրելէ ետք անոնք պիտի զգան ընկերվարական արժէքներու կարեւորութիւնը հայկական կեանքին մէջ, մանաւանդ` ներկայիս, երբ Հայաստան կ՛ապրի անցումային շրջան եւ կարիքը ունի այլընտրանքի:

Այսօր, հաշուի առնելով հայաստանեան կեանքին մէջ արձանագրուած քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական զարգացումները, որոնք հետզհետէ կ՛ամրապնդեն տնտեսական ազատականութիւնը եւ կը յարմարցնեն նախկին տնտեսական համակարգը ներկայիս հաստատուած քաղաքական համակարգին հետ, հայաստանեան քաղաքական կեանքը զգալիօրէն կարիքը ունի նոր Արշակ Ջամալեաններու, որոնք պէտք է ուսումնասիրեն միջազգային ընկերվարական մտածողութեան զարգացումները եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը դարձնեն այնպիսի ուժ մը, որ կրնայ հանդիսանալ համաժողովրդային ընդդիմադիր ուժ` ընդդէմ նոր-ազատական քաղաքականութիւններուն: Քաղաքական ուժ մը, որ նեցուկ կանգնի ընկերային շարժումներուն` վասն ընկերային եւ տնտեսական արդարութեան հաստատման: Ուժ մը, որ համաձայն իր գաղափարաբանական սկզբունքներուն, առաջնահերթ նկատէ նաեւ ընկերային-տնտեսական հարցերը:

 

 

«Ազդակ»-ը 2018-ին. Սրընթաց Եւ Ապատեղեկատուութեամբ Յորդուն Լրատուադաշտին Մէջ Ճիշդ Ուղիին Վրայ Մնալու Ճիգով

$
0
0

Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Այլ Նախաձեռնութիւններ

Լիբանան կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը 20 հոկտեմբերին հանդիպում ունեցաւ լիբանանահայ օրաթերթերու եւ ձայնասփիւռի կայաններու ղեկավարներուն հետ, որոնց մէջ էր «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը:

Ներկաները գոհունակութիւն յայտնեցին այն առումով, որ նման հանդիպումի մը նախաձեռնութիւնը վարչապետի պաշտօնակատարին կողմէ յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծել է ընդհանրապէս հայկական լրատուամիջոցներուն ունեցած դերակատարութիւնը:

Շահեկան խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ յատկապէս սփիւռքի ներուժը պետականակերտման աշխատանքներուն մէջ ներգրաւելու առաջադրանքին եւ լրատուամիջոցներուն ունեցած դերին մասին` համահայկական օրակարգ ձեւաւորելու առաջադրանքով տարուելիք աշխատանքներուն:

– 20 օգոստոսին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը` բաղկացած Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանէ եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վաչէ Նաճարեանէ ու տոքթ. Իշխան Եղիայեանէ:

Հանդիպման ընթացքին Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը ըսաւ, որ այցելութեան նպատակն է գնահատել «Ազդակ»-ի կատարած աշխատանքը` ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի ձեռնարկներուն պատշաճ լուսաբանութիւնը կատարելու առումով:

Ան յատուկ կերպով խօսեցաւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած «Ազդակ»-ի յաւելուածին մասին, որ բառին իսկական առումով ձեռքէ ձեռք խլուած է Երեւանի մէջ:

Այնուհետեւ, իբրեւ գնահատանք տարուած աշխատանքին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի յուշանուէր յանձնեց «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեանին:

– Պատմական դէմքերու յատկացուած «Ազդակ»-ի լուսանկարներու ելեկտրոնային բաժինը այս տարի հարստացաւ կարեւոր նոր խմբաքանակով: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պետական դէմքեր ներառած լուսանկարներու հարուստ հաւաքածոյ «Ազդակ»-ին յանձնեց Տասնապետեան ընտանիքը: Արխիւային նշանակութիւն ունեցող լուսանկարներուն մէջ կ՛երեւին Ռուբէն Տէր Մինասեանը, Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, Սիմոն Վրացեանը եւ Կարօ Սասունին:

Հաւաքածոյի թուայնացումով  կ՛արխիւայնանան նաեւ Հրաչ Տասնապետեանի եւ իրեն  ժամանակակից պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած անձնաւորութիւններու լուսանկարներ (ժողովներ, աշխատանքային հանդիպումներ, ընկերային պահեր):

«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի աշխատանքներ

15 ապրիլ 2018-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, երկրորդ տարին ըլլալով, տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին կազմակերպած «Փոքրիկ լրագրողներու աշխատանոց»-ը:

12 հայկական վարժարաններէ` Հայ աւետարանական քոլեճէն, Հայ աւետարանական երկրորդական բարձրագոյն վարժարանէն, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանէն, Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանէն, Ազգային Միացեալ վարժարանէն, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանէն, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանէն, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարանէն, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանէն, Թէքէեան վարժարանէն եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն եկած էին 71 աշակերտներ` 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններէն: Անոնք բաժնուած էին խումբերու, եւ իւրաքանչիւր խումբ կը կրէր 1918 մայիս 28-ի իրադարձութիւններուն դերակատարութիւն ունեցած հայ անձնաւորութեան մը անունը` նկատի առնելով, որ այս տարուան աշխատանոցը նուիրուած էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին:

Բացման խօսքով Սրբուկ Ճենանեանը աշակերտներուն բարի գալուստ մաղթեց, ապա անդրադարձաւ ձեռնարկի բնոյթին եւ կատարուելիք աշխատանքներուն: Այսպէս, առաջին փուլով աշակերտները լսեցին զեկուցում մը «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիրներէն Արշօ Պալեանէն` հարցազրոյց պատրաստելու ու վարելու մասին, ապա գործնական աշխատանքով փոքրիկ լրագրողները առաջին հարցազրոյցը պատրաստեցին ու կատարեցին խմբագիրին հետ: Անկէ ետք աշակերտները պատրաստեցին իրենց ներկայացուած նիւթերը, որոնք առնչուած էին Հայաստանի զոյգ անկախ հանրապետութիւններուն: Այս պարագային փոքրիկները կը կարդան իրենց տրուած նիւթերը եւ իրենց դիտանկիւնէն կը ներկայացնեն զանոնք. անշուշտ աշխատանքը կը կատարուի խումբերով:

Հիւրասիրութեան կարճ դադարէ մը ետք անոնք հարցազրոյց մը վարեցին Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանին հետ: Փոքրիկները նախ լսեցին նախարարին ինքնակենսագրութիւնը, ապա անկէ մեկնած` պատրաստեցին հարցումներն ու ուղղեցին նախարարին: Պէտք է ըսել, որ անոնք շատ համարձակ ու շատ հետաքրքրական հարցումներ ուղղեցին նախարարին` ստեղծելով հետաքրքրական ու հաճելի մթնոլորտ մը:

Ճաշի դադարէն ետք փոքրիկները դիտեցին փաուըր փոյնթով ցուցադրութիւն մը` մանուկներու իրաւունքներուն մասին, որոնք ընդունուած են ու կը գործադրուին Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ: Անկէ ետք անոնց բաժնուեցաւ խեղճ պայմաններու մէջ ապրող մանուկներու պատկերներ, իսկ անոնք գրեցին իրենց կարծիքները այդ մասին:

Ապա Վանայ Ճենանեանը փոքրիկներուն ներկայացուց պանտ տեսինէի օրէնքներուն մասին տեղեկութիւններ, որմէ ետք փոքրիկները աշխատեցան պատրաստել իրենց պանտ տեսինէն` Հայաստանի անկախութեան լուրը կամ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերը ներկայացնող դրուագներով:

Այս միջոցին էր, որ ներկայացաւ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի մարզիկ Սեւակ Քեթենճեանը: Անսահման էր փոքրիկներուն ուրախութիւնը, անոնք լսեցին Սեւակը, ապա հարցումներու տարափ մը սկսաւ: Փոքրիկները շատ խանդավառ էին: Անոնք նկարուեցան ու «հրամայեցին», որ ՀՄԸՄ-ը չպարտուի եւ ախոյեան ըլլայ:

Աշակերտները գոհունակ եւ ուրախ տրամադրութեամբ հեռացան սրահէն` իրենց հետ տանելով յիշատակի նուէր մը` տրամադրուած «Ազդակ»-ի կողմէ:

25 նոյեմբեր 2018-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը դարձեալ ժամադրավայրը եղաւ «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան «Պզտիկ-Մզտիկ» յաւելուածի խմբագրական կազմին կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումին, որուն մասնակցեցան հայկական վարժարաններու Դ. Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները: Այսպէս, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը յաջորդաբար ընդունեց նախակրթարանի վերջին երեք կարգերու աշակերտները` աւելի քան 200 հոգի, որոնք եկած էին հայկական հետեւեալ վարժարաններէն. Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մխիթարեան (Ռաուտա) վարժարան, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան, Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Վահան Թէքէեան վարժարան, Ազգային Յառաջ – Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Միացեալ վարժարան եւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան:

Մրցումի աւարտին իւրաքանչիւր դասարանի մասնակիցներուն բաժնուեցաւ յիշատակի երկու նուէր, մէկը տրամադրուած «Ազդակ»-ի կողմէ, իսկ միւսը` «Արամ Մանուկեան» մատենաշարի հրատարակիչին:

Կը շարունակենք աշխատիլ, գրել, տպել, քննադատուիլ, գնահատուիլ, գիշերներ լուսցնել, մեր սխալներուն անդրադառնալ եւ ուղղելու փորձ կատարել, շարունակել ամէն օր մեր թերթը լոյս աշխարհ բերել` հաւատարիմ մեր նախնիներուն ուղիին եւ քայլ պահելով նորօրեայ պահանջներուն հետ:

———————————————

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու
Պատրաստութեան Վարժողական Ծրագիր

«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը 2017-ին կազմակերպեց կարեւոր նախաձեռնութիւն մը` լրագրութեան վարժողական ծրագիրը, որ ընթացք առաւ 24 օգոստոսին եւ տակաւին կը շարունակուի: Անոր կը մասնակցին հայկական վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներ Կալի Աւագեան, Ռուբէն Խաչատուրեան, Հուրի Հալէպլեան, Նանար Մինասեան, Նարեկ Քէշիշեան, Գոհար Եագուպեան, Սիլվի Սէրայտարեան, Ալիսիա Իշխանեան, Լոռի Գորէսեան, Արենի Խաչատուրեան, Նանի Գալուստեան եւ Քրիստ Իսկենտերեան:

Անոնց հետ կայացած առաջին հանդիպումին «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան վարժողական այս ծրագիրը հեռանկարային նկատեց` մաղթելով, որ այս ծրագիրին անոնց մասնակցութիւնը կ՛ըլլայ հետեւողական: Ան շեշտեց, որ վարժողական ծրագիրը պիտի ընդգրկէ նաեւ հայկական իրականութեան մէջ պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումներու շարք մը, որպէսզի ծրագիրը բաւական համապարփակ ըլլայ:

«Լրագրութեան այս դպրոցը պիտի ծառայէ, որ մենք իրարու օգտակար ըլլանք եւ երիտասարդական այս կարեւոր խաւը ներգրաւուած պահենք մեր թերթին», ըսաւ ան:

Լրագրութեան վարժողական ծրագիրին գործադրութեան հսկող, «Ազդակ»-ի խմբագրակազմի անդամ Արշօ Պալեան առաջին հանդիպումին առիթով նշեց, որ վարժողական ծրագիրը պիտի ունենայ տեսական, դասախօսական եւ գործնական բաժիններ` աւելցնելով, որ մասնակցողները առիթ պիտի ունենան հետեւելու թղթակցութեան, հարցազրոյցի, յօդուածագրութեան եւ ուսումնասիրութեան պատրաստութեան ձեւերուն, արագ լրահոսի դրութեան, ինչպէս նաեւ մօտէն ծանօթանալու գրաշարութեան, էջադրումի աշխատանքներուն եւ ծրագիրի աւարտին ունենալու իրենց յատուկ հրատարակութիւնը:

– 31 օգոստոսին Արշօ Պալեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց խմբագրատան մէջ կատարուող զանազան աշխատանքները: Ան անդրադարձաւ «Ազդակ»-ի տասը էջերուն դիմագիծին, բովանդակութեան եւ պատրաստութեան հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ` «Ազդակ»-ի պաշտօնական կայքին, բջիջայինի յատուկ «Էփ»-ին, արագ լուրերու «Փուշ նոթիֆիքէյշըն»-ի դրութեան եւ «Ազդակ»-ի արխիւները թուայնացնելու աշխատանքին:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ օրաթերթին կողքին ամսական դրութեամբ լոյս տեսնող «Պզտիկ – Մզտիկ» մանկապատանեկան յաւելուածին, Նոր տարուան եւ Ապրիլ 24-ին հրատարակուող երկու բացառիկ թիւերուն, ինչպէս նաեւ տարբեր առիթներով հրատարակուող յաւելուածներուն:

Աշակերտները այցելեցին «Ազդակ»-ի թուայնացումի եւ ուսումնասիրութեան «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնը, թերթին արխիւը եւ «Ազդակ»-ի տպարանը, ուր ծանօթացան տպարանի աշխատանքներուն:

– 7 սեպտեմբերին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան նախկին պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետ հանդիպումին անդրադարձաւ Եւրոպական Միութեան, Եւրոպական խորհրդարանին, Եւրոպական յանձնաժողովին եւ Եւրոպական խորհուրդին կառուցուածքին ու աշխատանքի հոլովոյթին, հայութեան վերաբերող հարցերով անոնց գործունէութեան, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի հետ անոնց գործակցութեան:

Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայ դատի յանձնախումբին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն` ազրպէյճանական եւ թրքական լոպիինկին դիմաց, նկատի ունենալով իրականութիւններ խեղաթիւրելու անոնց գործելաոճը: Պ. Տեմիրճեան անդրադարձաւ նաեւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) կառոյցին ու գործունէութեան` յստակօրէն բացատրելով Եւրոպական Միութենէն տարբեր ըլլալու իրականութիւնը:

– 14 սեպտեմբերին «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան հանդիպեցաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետ` անոնց ներկայացնելով ամբողջական տեղեկութիւններ լուրերու տեսակներուն, լուրերու կարեւորութեան, օգտագործուած աղբիւրներուն, ապատեղեկատուութեան ծուղակներուն, էջադրումի դասական ձեւին եւ արտակարգ իրադարձութիւններ ընդգրկող օրերու ընթացքին, խմբագրութեան որդեգրած քայլերուն մասին` էջադրումի իմաստով:

Այս մասին Ժ. Յակոբեան յաւելեալ բացատրութիւններ եւ  «Ազդակ»-ի զանազան թիւերու ընդմէջէն շօշափելի օրինակներ ցոյց տուաւ վարժողական ծրագիրի հետեւող աշակերտներուն եւ ուսանողներուն:

– Ուրբաթ, 22 սեպտեմբեր 2017-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ընդունեց «Ապագայ լրագրողներ»-ը, որոնց ներկայացուց դեսպանատան աշխատանքներն ու տարբեր բաժանմունքները: Ան անդրադարձաւ Լիբանան-Հայաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումին, երկկողմանի յարաբերութիւններու ծաւալումին, ինչպէս նաեւ այդ յարաբերութիւնները ամրապնդելու նպատակով ներկայիս ի գործ դրուող ջանքերուն:

Լիբանանահայ գաղութին մասին խօսելով` դեսպան Մկրտչեան յայտնեց, որ անիկա բացառիկ լաւ կազմակերպուած եւ աշխուժ գաղութ է իր տարբեր միութիւններով` մշակութային, բարեսիրական, մարմնակրթական եւ այլ կառոյցներով:

Ս. Մկրտչեան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Հայաստանի քաղաքական համակարգն ու անոր գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ տնտեսական մարզին մէջ որդեգրուած նոր քայլերուն, որոնք կը քաջալերեն գործարարները իրենց գործը հաստատելու Հայաստանի մէջ, եւ նպաստելու երկրին տնտեսութեան զարգացումին: Ան ակնարկեց նաեւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու քաղաքապետներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն` Հայաստանի հետ քոյր քաղաքներու յարաբերութիւններ հաստատելու նպատակով:

Նաեւ` դեսպան Մկրտչեանին հրաւէրով, «Ապագայ լրագրողներ»-ու խումբը 23 սեպտեմբեր 2017-ին մասնակցեցաւ «Քեմփինսքի Սամըրլենտ» պանդոկին մէջ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 26-ամեակին առիթով կազմակերպուած ընդունելութեան` փոխանցելով իր շնորհաւորութիւնները:

– 6 հոկտեմբերի հանդիպումին Արշօ Պալեան ներկայացուց լուր գրելու թեքնիքները, լուրի կառոյցին մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ առարկայական ու ենթակայական մօտեցումներուն տարբերութիւնները:

– 13 հոկտեմբերին Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն մատուցեց շահեկան դասախօսութիւն մը: Համաշխարհայնացման ու բոլորին, յատկապէս երիտասարդներուն եւ ուսանողներուն կեանքին մէջ անոր ազդեցութեան մասին լայն տեղեկութիւններ եւ ճշմարտութիւններ յայտնելէ ետք, վեր. դոկտ. Հայտոսթեան կեդրոնացաւ համաշխարհայնացման եւ հայկական կրթակարգի հիմնախնդիրներուն վրայ:

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացած այս դասախօսութեան ընթացքին վեր. Հայտոսթեան պատմեց, թէ մամուլին հետ իր կապը ինչպէ՛ս սկսած է եւ ապագային ինչպէ՛ս զարգացած: Վեր. Հայտոսթեան նշեց, որ, թէեւ համաշխարհայնացումը սահմանները փլուզած է եւ ստեղծած մեծ դիւրութիւններ, ճկունութիւն ու առատութիւն` տնտեսական մարզին պարագային, տեղեկութիւններու եւ հաղորդակցութեան իմաստով, բայց եւ այնպէս ան ընդգծեց, թէ տեղեկութիւններու առատութեան պարագային ապատեղեկատուութիւնը առաւել եւս կը շեշտուի եւ անոր լարած ծուղակներն ու գործած աւերները կը բազմանան:

Վեր. Հայտոսթեան խրախուսեց «Ապագայ լրագրողներ»-ը` յատուկ խնամքով մօտենալու լեզուի ճշգրտութեան եւ մտքի յստակութեան, պարզութեան ու պայծառութեան:

– 20 հոկտեմբերին ՀՅԴ Լիբանանի տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Վիգէն Աւագեան ներկայացուց լրագրութեան տարբեր ժանրերը եւ անոնց ընդմէջէն շեշտը դրաւ տիպար լրագրողի յատկանիշներուն վրայ: Ան շեշտեց, որ լրագրութեան մարզին մէջ գործելու համար պէտք է հետամուտ ըլլալ լուրերուն, ունենալ հետաքրքրութիւն եւ որոնել իրականութիւններ, տեղեկութիւններ ու տուեալներ:

Վիգէն Աւագեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց լրատուութեան, հարցազրոյցի, թղթածրարի եւ յօդուածագրութեան տեսակները, ինչպէս նաեւ բացատրեց խմբագիրին պարտականութիւնները` ընդգծելով արխիւ պահելու անհրաժեշտութիւնը: Ան անդրադարձաւ նաեւ մամուլի, ձայնասփիւռի, պատկերասփիւռի եւ ընկերային ցանցերու լրագրութեան տարբերութիւններուն:

– 27 հոկտեմբերին «Ապագայ լրագրողներ»-ը կատարեցին լուրերու պատրաստութեան իրենց առաջին գործնական փորձը: Մէկ ժամուան տեւողութեամբ մասնակիցները տարբեր բնոյթի` ընկերային, քաղաքական, մարզական թէ մշակութային լուրեր պատրաստեցին` աղբիւր ունենալով հայկական լրատուական կայքերը:

– 3 նոյեմբերին «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետ հանդիպում ունեցաւ ուսուցիչ, հրապարակախօս եւ հրապարակագիր Կարօ Յովհաննէսեան, որ բացատրեց յօդուածագրութեան կանոնները` անդրադառնալէ ետք յօդուածներուն տարբեր տեսակներուն: Ան նշեց, որ յօդուածի մը ընդհանուր կառոյցը եւ յատկանիշները պէտք է ամբողջացնեն յօդուած մը:

Կ. Յովհաննէսեան բացատրեց, որ յօդուածը պէտք է անպայման նպատակ հետապնդէ, յստակ ուղղուածութիւն պարփակէ, ունենայ գրաւիչ խորագիր: Ան հաստատեց նաեւ կարճ ու յստակ նախադասութիւններով յօդուածներ գրելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի անիկա դիւրաւ կարդացուի մարդոց կողմէ եւ ըլլայ նպատակաուղղուած:

Այս առիթով Կ. Յովհաննէսեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն յանձնեց յօդուածներու օրինակներ:

– 10 նոյեմբերին «Ապագայ լրագրողներ»-ը հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեանի հետ: Ան ներկայացուց Արցախի վերջին իրադարձութիւնները` նշելով, որ արտաքին առումով Արցախ միշտ յաջողած է պահպանել միացեալ եւ համախոհական կեցուածք, թէ՛ Արցախի եւ արցախցիին անվտանգութեան, թէ՛ Արցախի միջազգային ճանաչումին նկատմամբ:

Ապա ան լայնօրէն անդրադարձաւ Արցախի պաշտպանութեան համակարգին եւ  ընդհանուր արժեւորում մը կատարեց զինուորական ու ռազմավարական փոփոխութիւններուն, որդեգրուած մարտավարութիւններուն, Արցախի բանակը նոր զինատեսակներով օժտելու յառաջընթացին եւ այլն: Ան խօսեցաւ նաեւ արձանագրուած տնտեսական զարգացումներուն մասին, հիմնականին մէջ կեդրոնանալով գիւղատնտեսութեան վրայ` իբրեւ տնտեսութեան յենասիւնը, եւ անոր կողքին վերջին տասը տարիներուն ընթացքին ծաւալած ելեկտրականութեան արտադրութեան եւ հանքերու արդիւնաբերութեան վրայ:

Այս շրջագիծին մէջ Դաւիթ Իշխանեան անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ի աշխատանքներուն` բարձր գնահատելով լիբանանահայութեան եւ «Արցախ ֆոնտ»-ի դերակատարութիւնը վերաբնակեցման ծրագիրներուն առումով:  Ապա տեղի ունեցաւ զրոյց, որուն շրջագիծին մէջ Դ. Իշխանեան պատասխանեց «Ապագայ լրագրող»-ներու հարցումներուն` շեշտելով, որ Արցախի եւ լիբանանահայութեան միջեւ կարելի է շատ աւելի մեծ ծրագիրներ մշակել ու գործադրել, յատկապէս պատանեկան եւ երիտասարդական մակարդակներու վրայ: Ան հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն իսկական դերակատարութիւն ունի Արցախի մէջ եւ այդ դերակատարութեան շնորհիւ կրցած է վաստկիլ Արցախի իշխանութիւններուն վստահութիւնը:

– 17 նոյեմբերին «Ապագայ լրագրողներ»-ը հանդիպում ունեցան «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Նորա Բարսեղեանի հետ, որ ներկայացուց թղթակցութիւն մը պատրաստելու կանոնները: Ան նշեց, որ թղթակցութիւնը պէտք է ըլլայ տուեալ ձեռնարկի մը հայելին` աւելցնելով, որ պէտք է պահել հարազատ մթնոլորտը եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններ ներկայացնել որեւէ ձեռնարկի կամ հանդիսութեան մասին:

Ն. Բարսեղեան անդրադարձաւ նաեւ թղթակիցի յատկանիշներուն, որոնց մէջ ան շեշտեց թղթակիցին ճշդապահ, հագուածքով պատշաճ, կազմակերպուած եւ պատրաստ երթալու կարեւորութիւնը: «Թղթակիցը կը ներկայացնէ ո՛չ միայն ինքզինք, այլ նաեւ այն թերթը, որուն անձնակազմին մաս կը կազմէ: Հետեւաբար ամէն իմաստով պէտք է բծախնդիր աշխատանք կատարել թղթակցութեան առաքելութեան ընթացքին», ըսաւ ան:

Նորա Բարսեղեան թղթակցութեան տարբեր օրինակներ ապահովելով փորձեց հարստացնել հանդիպումը «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետ, որոնք իրենց կարգին կարդացին թղթակցութեան տարբեր օրինակներ եւ շօշափելի կերպով ծանօթացան անոնց մանրամասնութիւններուն:

Հանդիպումը ունեցաւ նաեւ աշխատանքային բնոյթ` նկատի ունենալով, որ հանդիպումին աւարտին «Ապագայ լրագրողներ»-ը կատարեցին թղթակցութիւն գրելու փորձ մը:

– 20 նոյեմբեր 2017-ին «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետ հանդիպման հիւրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Ներկայացման առաջին բաժինով Կիրօ Մանոյեան ծրագիրին հետեւող «Ապագայ լրագրողներ»-ուն բացատրեց լրագրութեան ձեւերը` անդրադառնալով լրագրութեան, թղթակցութեան եւ խմբագրութեան տարբերութիւններուն, ընդգծելով յատկապէս հայկական իրականութեան մէջ` սփիւռքի հայերէնով արտայայտուող թերթերու դժուարութիւնները եւ մարդուժ պատրաստելու անհրաժեշտութիւնը: Ներկայացման երկրորդ բաժինով ան անդրադարձաւ Հայ դատի յանձնախումբերու կառոյցին, «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերու, գրասենեակներու գործելաձեւը, ներկայի մարտահրաւէրները եւ աշխատանքային ոճը: Ան Հայ դատի  աշխատանքներու ազդեցութեան կարեւորութիւնը շեշտելով պատմական ներկայացում մը կատարեց գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու հիմնադրութեան օրերուն մասին` Միացեալ Նահանգներէն (1940-ական թուականներ) մինչեւ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակ, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակ եւ այլ երկիրներու մէջ գործունէութիւն: Ան Հայ դատի գրասենեակներու աշխատանքային օրինակներ ներկայացուց «Ապագայ լրագրողներ»-ուն:

– Լրագրութեան վարժողական ծրագիրին հետեւող «Ապագայ լրագրողներ»-ը 1 դեկտեմբերին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ շարունակեցին թղթակցութիւն գրելու իրենց փորձերը: «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Նորա Բարսեղեան դարձեալ հանդիպեցաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ուն եւ լսեց նախորդ հանդիպումին ընթացքին անոնց ստանձնած թղթակցութիւնները: Ն. Բարսեղեան կատարեց որոշ սրբագրութիւններ` ընդհանուր առմամբ դրական գնահատելով անոնց ողջունելի աշխատանքը:

«Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետ այս  հանդիպումի աւարտին իսկական թղթակցութեան մը երթալու փափաք յայտնուեցաւ, եւ պատասխանատու խմբագիրը խոստացաւ շուտով ընդառաջել այդ փափաքին:

– Անոնց 2018-ի առաջին հանդիպումը` 19 յունուարին եղաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի հետ, որ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Հայաստանի ներկայ իրավիճակին եւ սահմանադրութեան փոփոխութեան լոյսին տակ հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւններուն նուազումին ու վարչապետի լիազօրութիւններուն յաւելումին` բացատրելու համար, թէ յաջորդ փուլին Արցախի բանակցային հոլովոյթը վարողը պիտի ըլլայ վարչապետը եւ ոչ թէ` նախագահը:

«Ապագայ լրագրողներ»-ը ժամանակագրական դրութեամբ ներկայացուած տեղեկութիւններուն հետեւեցան մեծ հետաքրքրութեամբ, ծանօթանալով նաեւ բանակցային հոլովոյթի շրջագիծին մէջ օգտագործուած թեքնիք եզրերուն եւ անոնց իմաստներուն ու նշանակութիւններուն:

– 26 յունուարին ապագայ լրագրողները առցանց կապով միացաւ ՀՅԴ Բիւրոյի հանրային կապերու գրասենեակի պատասխանատու Արտակ Սարգսեանի հետ, որ Երեւանի իր գրասենեակէն անոնց ներկայացուց նոր տեսակի տեղեկատուութեան մասին իրականութիւններ:

Ա. Սարգսեան ընդարձակ եւ ամբողջական կերպով անդրադարձաւ հանրային կապերուն` լուսարձակի տակ առնելով անոնց երկկողմանի բնոյթը եւ քարոզչութեան փոխանակման դրոյթը:

Ան նշեց, որ համացանցն ու սմարթ հեռախօսներուն ընձեռած կարելիութիւնները փոփոխութեան ենթարկած են տեղեկատուութիւնը` զայն վերածելով ներգործական դաշտի:

– 2 փետրուարին ՀՅԴ արխիւներու պատասխանատու, պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան արխիւները գոյացնելու աշխատանքը, այն վայրերը, որոնք եղած են արխիւներու կեդրոններ, անոնց բովանդակութիւնը, ընդգրկած հարուստ տեղեկութիւնները, արխիւի տարբեր ձեւաչափերը, ինչպէս նաեւ` զանոնք դասաւորելու, ցուցակագրելու եւ ապա թուայնացնելու աշխատանքը:

Ե. Փամպուքեան ընդգծեց, որ գանձարանի մը համազօր ՀՅԴ արխիւներու դասաւորման, ցանկագրումի եւ թուայնացման աշխատանքը կը շարունակուի:

– 16 փետրուարին լուսանկարիչ Արա Օշական «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց շարք մը լուսանկարներ, որոնց մեկնաբանութեան ընդմէջէն անդրադարձաւ լուսանկարներու զօրութեան եւ լուրերը լուսանկարներու ընդմէջէն կարդալու թեքնիքին:

Ներգործօն այս հանդիպումը վերածուեցաւ առիթի մը, որուն ընթացքին «Ապագայ լրագրողներ»-ը իրենց տեսանկիւնէն դիտելով տարբեր տեսակի լուսանկարներ, փորձեցին պարզապէս նկարագրել լուսանկարները, մեկնաբանել զանոնք, քննադատել, գնահատել եւ մարմնաւորել:

– 23 փետրուարին «Ապագայ լրագրողներ»-ը ծանօթացան օրաթերթի միջազգային եւ շրջանային լուրերու պատրաստութեան մանրամասնութիւններուն:

«Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան ներկայացուց լուրերու ընտրութեան չափանիշները, ինչպէս նաեւ որդեգրուած լրատուամիջոցներն ու լրատու գործակալութիւնները, որոնցմէ պէտք է օգտուիլ:

Ան անդրադարձաւ այն մօտեցումներուն, որ «Ազդակ» նկատի կ՛ունենայ` ճշդելու համար, թէ միջազգային եւ շրջանային առումով ի՛նչ լուրեր պէտք է ամէնօրեայ դրութեամբ ընտրուին օրաթերթին համար:

– 6 ապրիլ 2018-ին «Ապագայ լրագրողներ»-ը սքայփի ընձեռած ուղղակի հաղորդակցութեան ընդմէջէն առիթը ունեցան ծանօթանալու «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացքի ծրագիրին:

Երեւանէն ուղղակի կապով «Ապագայ լրագրողներ»-ուն միացաւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան:

Ան մանրամասնօրէն բացատրեց լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացքի ծրագիրն ու նպատակները, ինչպէս նաեւ արձանագրութեան հոլովոյթն ու պայմանները:

– 13 ապրիլ 2018-ին խմբագրատուն այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի հանրային կապերու գրասենեակի նախագահ Արտակ Սարգսեան:

Ան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց Հայաստանի մէջ գործող լրատուական դաշտը` սկսելով պատկերասփիւռի կայաններէն: Ան նշեց, որ պատկերասփիւռի կայանները Հայաստանի լրատուական դաշտին մէջ գերակայ աղբիւր են, որովհետեւ կը ներկայանան իբրեւ ժողովուրդին 70 առ հարիւրէն աւելիին լրատու աղբիւրը:

Ան ակնարկեց նաեւ տպագիր մամուլին` հաստատելով, որ Հայաստանի մէջ անիկա բաւական ետ մնացած է` նկատի ունենալով կայքերու աշխուժութիւնը եւ երկրին մէջ համացանցի գրեթէ 90 առ հարիւր ծածկոյթը:

– 22 յունիս 2018-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի անդամ Սալբի Պուլղուրճեան – Սիմիթեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց «Լրագրութեան մէջ բարոյագիտութիւնը» նիւթը:

Ան ըսաւ, որ լրագրութեան մէջ լուրը, անձը, դէպքը, հարցազրոյցը եւ այլ իրականութիւնները պէտք է ներկայացնել իրենց իսկական պատկերով` ճշմարտութեամբ, առանց զանոնք այլակերպելու, նենգափոխելու, դէպի որոշ ուղեգիծ մը առաջնորդելու, ենթադրութիւն կատարելու եւ կամ հարցազրոյց կատարող անձին վերագրելու խօսքեր, որոնք ինք չէ ըսած:

– 6 յուլիսին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց քարոզչութեան թեւակոխած տարբեր փուլերը:

Երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ ներկայ քարոզչութեան ձեւերուն, յատկապէս ընկերային ցանցերուն եւ անոնց սանձարձակ գործածութեան` հաստատելով լուրին ճշմարտացիութեան եւ բազմակողմանիութեան հսկելու բծախնդրութեան անհրաժեշտութիւնը:

Նկատի ունենալով պրէօվէի եւ պաքալորէայի պետական քննութիւններուն «Ապագայ լրագրողներ»-էն հինգին արձանագրած յաջողութիւնները` նոյն օրը «Ազդակ»-ի յարկին տակ տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում` շնորհաւորելու համար զանոնք եւ բարեմաղթութիւններ փոխանցելու անոնց:

– 17 օգոստոս 2018-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ընդունեց «Ապագայ լրագրող»-ները:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ լրագրութեան աշխատանքի, առարկայական լրատուութեան, վերլուծական յօդուածներու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ լրագրութեան բարոյագիտական արժէքը պահպանելու կարեւորութեան:

Այս նիւթերուն կողքին, «Ապագայ լրագրող»-ները իրենց հարցումները ուղղեցին վեհափառ հայրապետին` հանդիպումը վերածելով զրոյցի:

Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունեց «Ազդակ»-ի կողմէ նախաձեռնուած այս ծրագիրը` նշելով, որ հայութեան համար թերթը բառին վաւերական հասկացողութեամբ առաքելութիւն է:

«Երիտասարդութիւնը պիտի գիտնայ, որ ինք մեր կեանքին մէջ կարեւոր տեղ ունի եւ կոչուած է ունենալու առանցքային դերակատարութիւն», շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

Հանդիպումին աւարտին «Ապագայ լրագրող»-ներէն Քրիստ Իսկէնտէրեան վեհափառ հայրապետին նուիրեց իր գծած Սիսի կաթողիկոսարանի պատկերը:

(Շար. 2)

 

Ս. Ծննդեան Տօնը Խոնարհութեան Եւ Ողորմածութեան Պատգամ Համայն Մարդկութեան Եւ Ի Մասնաւորի Քրիստոնեայ Աշխարհին

$
0
0

Պատրաստեց
ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ի՞նչ պիտի պատահէր մարդկութեան, եթէ Աստուածորդին չծնէր: Արդեօ՞ք մարդիկ աւելի անհաւատ պիտի դառնային: Ի՞նչ փոփոխութիւն բերաւ Քրիստոսի ծնունդը ընդհանրապէս հրեայ ժողովուրդին եւ այլոց կեանքին մէջ: Անցեալին ինչպէ՞ս կը տօնուէր Ս. Ծնունդը: Իսկ գալով ներկայի պարզած Ս. Ծնունդը տօնելու հոլովոյթին, ինչո՞ւ մարդիկ թիւր ըմբռնում ունին եւ զայն կը տօնեն պարահանդէսի անուան տակ եւ ոչ աւանդական ձեւով: Հարցադրումներ, որոնք երբեմն մեր միտքը կը խճողեն եւ առիթ կու տան պահ մը մտածելու Քրիստոսի կատարած յեղափոխութեան եւ Ս. Ծնունդի իսկական խորհուրդին մասին: Այս առիթով կ՛ուզեմ լուսարձակի տակ առնել քրիստոնէական այս մեծ տօնը` Ս. Ծնունդը:

Քրիստոսի Ծննդեան Ժամանակաշրջանը

Քրիստոսի ծննդեան ժամանակաշրջանին Իսրայէլ կը գտնուէր Հռոմէական կայսրութեան իշխանութեան տակ: Օգոստոս կայսեր հրամանագիրով կայսրութեան տարածքին մարդահամար սկսաւ, եւ իւրաքանչիւր անձ պէտք էր գրանցուէր իր ծննդավայրին մէջ: Յովսէփ եւ Մարիամ Բեթղեհէմ եկան եւ տեղի չգոյութեան պատճառով քարայրին մէջ գիշերեցին: Նոյն գիշեր ծնաւ աշխարհի Փրկիչը` Յիսուս: Ս. Ծննդեան վկաները մօտակայ հովիւներն էին, որոնք հրեշտակներէն տեղեկացան Փրկիչին ծնունդը: Այնուհետեւ արեւելքէն մոգեր եկան` հետեւելով երկինքի վրայ փայլող աստղին: Անոնք ընծաներ մատուցեցին Յիսուսին: Այդ ընծաները իրենց հոգեւոր խորհուրդը ունէին: Ոսկին թագաւորներուն կը մատուցուէր, ան կը խորհրդանշէ Յիսուսի երկնային թագաւորութիւնը: Կնդրուկը խունկի ամէնէն անուշահոտ տեսակն է, որ Քրիստոսի նուիրելը կը խորհրդանշէ իր քահանայապետ ըլլալը: Զմուռսը անուշահոտ նիւթ է, որով կը պատէին մահացածներու մարմինը եւ կը խորհրդանշէ Յիսուսի մահը: Քրիստոս երբ երեսուն տարեկան եղաւ եւ եկաւ Յորդանան գետ ու մկրտուեցաւ, այդ ժամանակ տեղի ունեցաւ երկրորդ աստուածայայտնութիւնը:

Ս. Ծնունդը Նաեւ Աստուածայայտնութեան Տօն Կը Կոչուի

Ս. Ծնունդը առաջին տաղաւար տօնն է: Սակայն ինչո՞ւ տաղաւար կը կոչուին Ս. Ծնունդի, Ս. Յարութեան, Վարդավառի, Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի եւ Վերացման խաչի տօները: Հին կտակարանին մէջ հրեաները մեծահանդէս արարողութեամբ կը տօնէին Տաղաւարահարաց տօնը, որ նոյնինքն աշնանային բերքահաւաքի տօնն է եւ կը կատարուի եօթներորդ ամսուան 15-րդ օրը եւ կը տեւէ եօթը օր (Ղեւտ. 23: 33-43): Տաղաւարահարաց տօնը կը յիշատակուի նաեւ Նոր կտակարանին մէջ, Յիսուսի ուսուցումներուն ժամանակ: Այդ օրերուն հրեաները եօթը օր կ՛ապրէին վրաններու (տաղաւարներու) տակ: Անոնք ողջակէզ կը մատուցէին` իբրեւ երախտագիտութիւն Աստուծոյ պարգեւած բարիքներուն: Կ’ենթադրուի, որ տաղաւար անուանումը  յառաջացած է այդտեղէն եւ գործածական դարձած է քրիստոնէական մեծ տէրունի տօներուն համար: Ս. Ծնունդը նաեւ Աստուածայայտնութեան տօն կը կոչուի, որովհետեւ Աստուծոյ փառքը յայտնուեցաւ մարդոց մէջ:

Ինչո՞ւ Հայ Եկեղեցին Ս. Ծնունդը Եւ Մկրտութիւնը Յունուար 6-ին Կը Տօնէ

Հայ առաքելական եկեղեցին` իբրեւ աւանդապահ եկեղեցի, Ս. Ծնունդը եւ մկրտութիւնը 6 յունուարին կը տօնէ, իսկ միւս քրիստոնեայ եկեղեցիները` 25 դեկտեմբերին: Մինչեւ 4-րդ դար բոլոր քրիստոնեաները այս տօները 6 յունուարին կը նշէին: Երբ քրիստոնէութիւնը սկսաւ տարածուիլ եւ պետական ճանաչում գտնել, հռոմէացիները իրենց հեթանոսական արմատներուն կառչած էին եւ հանդիսաւոր տօնակատարութեամբ կը նշէին ժողովրդական ամէնէն սիրուած տօներէն արեւ աստուծոյ տօնը, որ կը կատարուէր 21-31 դեկտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին: Իսկ 25 դեկտեմբերին Միթրայի ծննդեան օրն էր, որ Եւրոպայի եւ յատկապէս Հռոմի մէջ մեծ շուքով կը տօնուէր: Միթրան ամէնէն ժողովրդական եւ յարգուած արեւ աստուածն էր: Հռոմի կայսրը արեւ աստուածը կը նկատէր կայսերական հեղինակութեան պաշտպան աստուած: 336 թուականին Հռոմի եկեղեցին հեթանոսական աւանդութիւնները ջնջելու նպատակով 25 դեկտեմբերը հռչակեց իբրեւ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան տօն, իսկ 6 յունուարը` իբրեւ մկրտութեան տօն: Ս. Ծննդեան եւ մկրտութեան տօները տարբեր օրեր նշելու պատճառներէն մէկը երթեւեկութիւնն ու ճամբու հեռաւորութիւնն էր: Կարելի չէր Բեթղեհէմէն մինչեւ Յորդանան գետ երթալ նոյն օրը, որովհետեւ արդիական փոխադրական միջոցներ գոյութիւն չունէին:  Հայ առաքելական եկեղեցին Ս. Ծնունդն ու մկրտութիւնը նոյն օրը կը տօնախմբէ` համաձայն Ղուկաս աւետարանի ապացոյցին. «Յիսուս շուրջ երեսուն տարեկան էր, երբ իր գործունէութեան սկսաւ» (Ղուկաս 3:23): Իսկ Հին կտակարանին մէջ ոեւէ մէկը իրաւունք չունէր քահանայութիւն ընել, եթէ երեսուն տարեկան չէր եղած: Յիսուս սկսաւ քարոզել երեսուն տարեկանին եւ մկրտութենէն ետք: Այս վկայութենէն եկեղեցական հայրերը հետեւցուցած են, որ եթէ Յիսուս 6 յունուարին ծնաւ, ապա երեսուն տարի ետք, նոյն օրը մկրտուեցաւ:

Ս. Ծննդեան Տօնին Մեկնարկը` Ճրագալոյցը

Ս. Ծննդեան եկեղեցական տօնակատարութիւնը կը սկսի 5 յունուարի երեկոյեան ճրագալոյցի կամ խթման ս. պատարագով, որուն կը նախորդէ եօթը օրերու պահեցողութիւնն ու ապաշխարութեան շրջանը: Ճրագալոյցի ս. պատարագը տարին երկու անգամ կը մատուցուի` Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներուն առիթով: Պատարագէն առաջ կը կարդացուին մարգարէական գիրքերէն բաժիններ, որոնք կը վկայեն ու կ՛աւետեն Քրիստոսի ծննդեան բարի լուրը: Պատարագի աւարտին կը կատարուի Ս. ծննդեան նախատօնակ, եւ քրիստոնեաները զիրար կ՛ողջունեն Քրիստոսի ծննդեան աւետիսը տալով. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ», որուն պատասխանն է` «Ձեզի մեզի մեծ աւետիս»: Ապա հաւատացեալներ իրենց հետ վառած ճրագներ (մոմեր) տուն կը տանին` խորհրդանշելով աստուածային լոյսը եւ եկեղեցւոյ օրհնութիւնը: Ճրագալոյցը կը խորհրդանշէ նաեւ բեթղեհէմեան աստղին լոյսը, որ առաջնորդեց մոգերը դէպի Յիսուս մանուկը:

Ապա կը սկսի տնօրհնէքի արարողութիւնը, եւ հոգեւորականներ տուները կ՛այցելեն եւ տօնին աւետիսն ու օրհնութիւնը կը փոխանցեն հաւատացեալներուն:

Ս. Ծննդեան Տօնը Եւ Ջրօրհնէքի Արարողութիւնը

Ս. Ծննդեան տօնը Հայ առաքելական եկեղեցիներուն մէջ կը նշուի հանդիսաւոր ս. պատարագով: Ս. պատարագի աւարտին կը կատարուի ջրօրհնէք, որ նուիրուած է Քրիստոսի մկրտութեան խորհուրդին:  Ջրօրհնէքի արարողութեան ժամանակ տէրունական խաչը կ՛ընկղմեն ջուրին մէջ: Հուսկ, պատարագիչ հոգեւորականը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ սրբալոյս միւռոնով կ՛օրհնէ ու կը սրբագործէ ջուրը: Ապա օրհնուած հրաշագործ ջուրը կը բաժնուի ժողովուրդին` ի բժշկութիւն հոգեւոր եւ մարմնաւոր հիւանդութիւններէ: Ինչպէս բոլոր տաղաւար տօներուն յաջորդող օրերուն, Ս. Ծնունդին յաջորդ օրը մեռելոց է, եւ հաւատացեալներ կ՛այցելեն իրենց հարազատներուն շիրիմները: Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւնը կ՛աւարտի 13 յունուարին` Յիսուսի անուանակոչութեան յիշատակումով:

Ս. Ծննդեան Աւանդական Սեղանը

Ս. Ծննդեան օրը ընտանեկան տօն է եւ Ս. Ծննդեան սեղանին շուրջ կը հաւաքուին ընտանիքի անդամները` միասնաբար տօնելու Քրիստոսի ծնունդը եւ խոկալու տօնէն բխող պատգամին մասին:

Ս. Ծննդեան ուտելիքներու մէջ մեծ կարեւորութիւն ունին չոր միրգերով ու ընկոյզով պատրաստուած կերակուրները: Աւանդութեան համաձայն տօնական սեղանին վրայ պէտք է ըլլան ձուկ եւ բրինձով ու չամիչով եղինձ: Այս ճաշին բաղադրիչները իրենց իմաստը ունին: Բրինձը կը խորհրդանշէ մարդկութիւնը, իսկ չամիչները Աստուծոյ կողմէ ընտրեալներն են, զորս Աստուած ընտրած է Իր գործը շարունակելու համար: Հայկական Ծնունդի սեղանը կը ճոխանար նաեւ կաղամբով պատրաստուած տոլմայով եւ չոր բանջարեղէններով պատրաստուած ապուրով` մայրամաճաշով: Տարածուած  ուտելիքներէն է նաեւ «տարի» կոչուած քաղցր գաթան, որ կը բաժնուէր 12 մասերու` ըստ տարուան 12 ամիսներուն: Ս. Ծնունդի սեղանին ոգելից ըմպելիներ չկային, սակայն արտօնուած է կարմին գինին, որովհետեւ անիկա կը խորհրդանշէ Քրիստոսի արիւնը:

Ս. Ծննդեան Աւետաբեր – Երգեցիկ Խումբեր

Ս. Ծնունդի տօնակատարութեան մէջ յատուկ տեղ ունին աւետաբեր խումբերը` բաղկացած եկեղեցիներու դպրաց դասերէ, որոնք 5 յունուարի գիշերը մինչեւ վաղ առաւօտեան ժամերը յատուկ նուագարաններով կ՛աւետեն Յիսուսի ծնունդը` ծխայիններուն եւ ժողովուրդին: Անոնք այս առիթով,  աւետիս տալու կողքին, կը բաժնեն նաեւ տօնը խորհրդանշող յատուկ յուշանուէրներ:

Ս. Ծննդեան Շարականները Հոգիները Առինքնող Հոգեւոր Երգեր Են

Հայ եկեղեցական երաժշտութեան գանձարանը հարուստ է նաեւ տօներու նուիրուած շարականներով: Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած հոգեւոր երգերը կամ շարականները հաւատացեալներուն հոգիները կ՛ուրախացնեն տօնին աւետիսը  տալով անոնց: Այս առումով, ըստ կարգ մը տուեալներու, Ս. Ծննդեան «Խորհուրդ մեծ» շարականը կը վերագրուի պատմահայր Մովսէս Խորենացիի, օրուան սրբասացութեան «Բազմութիւնք» շարականը` Ներսէս Շնորհալի հայրապետին, իսկ ջրօրհնէքի արարողութեան «Ով զարմանալի» տաղը գրած է Գրիգոր Գ. Պահլաւունի (12-րդ դար), եւ անոր հետեւակ «Այսօր ձայնն հայրական» յորդորակը գրած է Յովհաննէս Երզնկացի Պլուզ (13-րդ դար):

Ս. Ծննդեան Տօնին Պատգամը

Այժմ, ներկայացնելէ ետք Ս. Ծննդեան տօնին համապարփակ պատմականը, արարողակարգն ու պատրաստութիւնը, հարկ է անդրադառնալ տօնին խորհուրդին եւ ճիշդ ձեւով նշելու հոլովոյթին մասին: Կասկածէ վեր է, որ Ս. Ծնունդը մարդկային արժանիքներու վերականգնման վեհ գաղափարներու եւ քրիստոնէական սկզբունքներու` խոնարհութեան, անկեղծութեան, ներողամտութեան եւ ողորմածութեան խօսուն պատգամ  պարփակած է իր մէջ, որուն ականջալուր պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ: Այսօր, սակայն, մարդիկ ոչ միայն իրենց ականջները փակած են այս պատգամներուն, այլ սկսած են Ս. Ծննդեան պարահանդէսներու ներկայ գտնուիլ, աղաւաղելով Ս. Ծննդեան խորհուրդին իսկական իմաստը: Հարկ է վերազարթնիլ եւ պահել մեր ընտանեկան Ս. Ծննդեան հաւաքները, որպէսզի կարենանք նոր սերունդին փոխանցել մեր պապերուն կտակած աւանդութիւնները ու պահպանենք ընտանեկան սէրն ու միաբանութիւնը:

 

 


Հայ Երիտասարդի Հեռանկարներ

$
0
0

ՍԻԼՎԻԱ ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Երիտասարդ աշխատակից

Հայկական մեղեդի, նուագ, պար, հայկական աւանդական ճաշերու բուրմունք , հարազատներ, ընտանիք, ջերմ ժպիտներ ու մաղթանքներ… եւ վերջապէս կը դիմաւորենք Նոր տարին:

Նոր տարի, նոր էջեր, նոր ժպիտներ, նոր յոյսեր, նոր փորձութիւններ, նոր վիշտեր ու նոր դասեր… Նոր տարին կարծես առաւօտ մըն է նոր կեանքի, ուր անցեալը չկայ, եւ ուր միայն սպիտակ ու փայլուն էջեր կը սպասեն մեզ: Նոր տարին առիթ մըն է` փոխելու ներկան, դառնալու նոր մարդ, ունենալու նորանոր նպատակներ եւ ինքնավստահօրէն քալելու դէպի նորանոր յաջողութիւններ: Իւրաքանչիւր տարի նման է ալեկոծ ծովու մը մէկ հատուածին, որուն խենթ ալիքին մէջ կրնանք կորսնցնել մեր կերտած նպատակները: Իւրաքանչիւր անձ եւ մանաւանդ իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ պարտաւոր է ուժեղ քայլերով քալել այդ բոլոր անհեթեթ ալիքներուն վրայէն, որոնք կը փորձեն խանգարել ու սառեցնել իրենց հաստատ քայլերը. իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ պարտաւոր է քալել` նայելով դէպի նոր հորիզոններ, դէպի նորանոր նուաճումներ եւ ոչ թէ նայելով մխրճուած ու փճացած անկիւնները գտնուող օտարներու, եւ մանաւանդ` իրեն հետ բարձրացնելով բոլոր անոնք, որոնք կը պայքարին կեանքի իւրաքանչիւր ալիքի դէմ` հասնելու համար իրենց նպատակներուն: Հայ երիտասարդը պարտաւոր է իւրաքանչիւր նոր տարուան սեմին ուրուագծել հեռակայ նպատակներ` ի նպաստ իր անձին եւ յատկապէս հայրենիքի վերելքին եւ զինուիլ հայ ժողովուրդի վեհանձն կամքով, որովհետեւ իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի ժպիտն ու ապագան պարգեւներ են սահմանին վրայ գտնուող մեր հերոս զինուորներուն. յարգա՛նք` իւրաքանչիւր հերոսի, յարգա՛նք  հերոս մայրերու, որոնք իրենց երջանկութիւնը, իրենց արիւնը, իրենց զաւակն ու տունը նուիրած են ամբողջ ազգի մը վերելքին… որեւէ բառ, որեւէ արտայայտութիւն բաւարար չեն երախտագիտութիւն յայտնելու անոնց զոհողութեան դիմաց… Կը խոնարհինք սահմանին վրայ գտնուող իւրաքանչիւր զինուորի առջեւ:

Բազմաթիւ նոր տարիներ, բազմաթիւ նոր ալեկոծ էջեր, սակայն ՀԱՅը կը շարունակէ ու պիտի շարունակէ հաստատ քայլերով, նպատակասլաց շարունակել իր երթը` հայրենիքի եւ նոյնիսկ սփիւռքի մէջ, որպէսզի եռագոյնը աւելի հպարտօրէն ծածանի մայր Հայաստանի երկինքին վրայ: Թող այս Նոր տարին աւելի եւս ամրացնէ հայ ժողովուրդին միասնական բռունցքը. տօ՛նդ շնորհաւոր, ՀԱ՛Յ ժողովուրդ, եւ Աստուած պահապան ձեզի` խոնարհելի հայ զինուորներ:

 

 

Հաղորդագրութիւն

$
0
0

Կիրակի, 30 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին ՀՄԸՄ-ը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Նահտա Պար Էլիաս ֆութպոլի խումբի պատասխանատուներուն: Պատուիրակութիւնը բաղկացած էր` Շրջանային վարչութեան անդամներէ, ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի վարչութեան անդամներէ, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչէն, գլխաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի:

Սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին երկկողմանի լուսաբանութիւններ տրուեցան Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. դասակարգի 2-րդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին եւ Նահտա Պար Էլիաս խումբին մինչեւ տեղի ունեցած խնդիրներուն առնչութեամբ:

ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ յիշեալ մրցումին ընթացքին տեղի ունեցած հակամարտութեան պատճառով վիրաւորուած Նահտա Պար Էլիասի համակիրներէն (որ ծանրօրէն վիրաւորուած էր) մէկուն բնակարանը` մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում, հաստատելով, որ բոլոր եղած հարցերը լուծուած են, ցանկալով յաջողութիւն երկու խումբերուն:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

3  յունուար 2019

Ի՞նչ Է Ս. Ծնունդի Խորհուրդը

$
0
0

ՏՈՔԹ. Ս. ԱՏԱՄ

Հրաշափառ եւ սքանչելի է Ս. Ծնունդի խորհուրդը, որ դարեր շարունակ լուսաշող արեւի մը պէս կը բացուի մեր կեանքի ընթացքին մեր դիմաց:

Մենք կը  հաւատանք, որ Աստուած մարդացաւ Յիսուս Քրիստոսով եւ յայտնուեցաւ համայն մարդկութեան, որպէսզի մարդկութիւնը ազատէ մեղքերու գերեվարութենէն եւ նոր հորիզոններ բանայ անոնց կեանքին մէջ:

Շատ մեծ եւ սքանչելի է այս խորհուրդը: Բեթղեհէմի ախոռին մէջ ծնած մանուկը մարդացեալ Աստուծոյ որդին էր, որ աշխարհ եկաւ մեղաւոր մարդը Աստուծոյ հետ հաշտեցնելու եւ Աստուծոյ փառքին բարձրացնելու:

Ան ձգեց երկնային փառքը, որպէսզի մարդոց հոգիներու փրկութիւնը ապահովէ եւ մարդկութեան սնանկացած հոգիները հարստացնէ:

Ան եկաւ` իբրեւ աշխարհի լոյս, որպէսզի լուսաւորէ մարդոց սրտերու խորքն ու մթագնած հոգիները:

Ան եկաւ, որպէս համայն աշխարհի «Խաղաղութեան իշխան», որպէսզի մարդոց սիրտերն ու հոգիները  լեցնէ «սիրոյ եւ խաղաղութեան» շնորհներով:

Ան եկաւ` որպէս  մեր «կենաց հաց», որպէսզի մենք հոգեպէս յաւիտեան չանօթենանք:

Ի տարբերութիւն քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիներուն` Ս.Ծնունդի  տօնը Հայ եկեղեցւոյ մէջ ունի երկու անուն եւ երկու իմաստ ու խորհուրդ: Ամէն տարի 6 յունուարին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին կը նշէ երկու տօն` Քրիստոսի ծնունդը եւ անոր մկրտութիւնը կամ աստուածայայտնութիւնը, մինչդեռ ուրիշ եկեղեցիներ այս երկու տօները կը նշեն առանձին եւ տարբեր օրեր:

«Ծնունդ» բառը, մեր մարդկային առօրեայ հասկացողութեամբ, կը նշանակէ «սկիզբ», «ծագում», սակայն Յիսուս Քրիստոսի պարագային տարբեր է մեր մօտեցումը, քանի որ ան, մեր հաւատքին համաձայն, ոչ միայն կատարեալ մարդ է, այլեւ կատարեալ Աստուած, հետեւաբար «Ծնունդ» ըսելով, կը հասկնանք անոր մարդկային բնութեան սկզբնաւորութիւնը Մարիամի միջոցով: Ասկէ երկու հազար տասնութ տարի առաջ Աստուծոյ որդին իր աստուածային բնութեամբ առաւ նաեւ մարդկային բնութիւն եւ հանդէս եկաւ` որպէս կատարեալ մարդ եւ կատարեալ Աստուած:

Հայաստանեայց առաքելական ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ Ծննդեան տօնակատարութիւնը կը սկսի յունուար 6-ի նախընթաց երեկոյին. ճրագալոյցի սուրբ պատարագով կը բացուի խորանին վարագոյրը, եւ եկեղեցւոյ մէջ ուրախ ու յաղթական հնչիւններով կը հնչէ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» շարականը, ժողովուրդը այս երեկոն կը կոչէ «խթումի գիշեր»:

Խթումի գիշերը խոկումի, աղօթքի, ներելու, մեղքի ու յանցանքի ծանրութենէն թօթափելու գիշեր մըն է, որպէսզի յաջորդ օրը իւրաքնչիւր ներող ու ներեալ մաքուր ու խաղաղ , թեթեւ ու զուարթ սրտով ու հոգիով դիմաւորէ մեծ տօնը:

Յաջորդ օրը`  6 յունուարին կը մատուցուի Ծննդեան հանդիսաւոր սուրբ պատարագը, որուն կը յաջորդէ ջրօրհնէքը` ի նշան Յիսուս Քրիստոսի Յորդանան գետի մէջ մկրտութեան: Օրհնուած ջուրը կը բաժնուի ժողովուրդին, ժողովուրդը ըմպելով օրհնուած ջուրը` հաղորդակից կը դառնայ Քրիստոսի մկրտութեան:

Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւններու շարքին կը կատարուի նաեւ տնօրհնէքի արարողութիւնը: Անցեալին Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներէն ետք մարդիկ հոգեւորականներ կը հրաւիրէին իրենց տուները կամ աշխատավայրերը` տօնի կենարար աւետիսը եւ աստուածային օրհնութիւնը ստանալու նպատակով:

Հին ժամակներուն, երբ եկեղեցական արարողութիւնը իր աւարտին կը հասնէր, եկեցեցւոյ դպիրները իրենց վարժապետին ընկերակցութեամբ կ՛այցելէին տուները` «Աւետիս» երգելու համար:

«Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար, Աւետիս,
Այսօր տօն է Սուրբ ծննդեան, աւետիս,
եփէ, մայրի՛կ, եփէ թանէլի փիլաֆ
հիմա պապան կու գայ, անօթի ծարաւ,
պապային պաստօնը տունը մնացեր,
Սոֆիային աչքը դուռը մնացեր…
Մայրիկ շատ տարիներու»:

Այս ձեւով ամէն տունէ կը ստանային քանի մը ղուրուշ եւ կամ այլ նուէր: Նոյն «Աւետիս» երգերը կ՛երգէին նաեւ թաղի երիտասարդները, իսկ թաղի պատանիները, պայուսակ մը իրենց ձեռքին, տունէ տուն այցելելով, կը սկսէին «Աւետիս» երգել: Տանտիկինները պայուսակները կը լեցնէին հաւկիթով, իւղով, պտուղներով, ղաւուրմայով եւ զանազան նուէրներով :

Ծննդեան այդ օրը նաեւ Մելքոն ,Գասպար, Պաղտասար, Էմմանուէլ, Մանուէլ, Նազարէթ, Նազար, Աւետիս անունը կրող տղամարդոց անուան տօնն է: Այնպէս որ, անոնց բոլորին տուներուն սեղանները այդ օրը ճոխ կ՛ըլլային, ու տան մէջ կը կատարուէին հիւրընկալութիւն ու խրախճանք: Սուրբ Ծնունդը հայկական տարբեր շրջանակներու մէջ կը կոչուէր նաեւ պզտիկ զատիկ: Ընդունուած սովորութեան համաձայն, Ծննդեան տօնին տան փոքրերը իրենց գոց սորված քանի մը երգերու համար եւ «Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար, Աւետիս» երգելով` նուէրներ կը ստանային իրենց մեծերէն: Տօնին առիթով բոլոր մանուկները նոր պարեգօտ-զգեստ, գդակ, կօշիկ կը հագուէին, որ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէր անոնց:

7 յունուարին, ինչպէս եւ` բոլոր տաղաւար (մեծ, գլխաւոր) տօներուն յաջորդող օրերը, հանգուցեալներու յիշատակութեան օրն է` մեռելոցը: Անցեալին, 7 յունուարին սուրբ պատարագէն ետք, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուէր հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք մարդիկ կ՛այցելէին հարազատներու շիրիմները:

Ս. Ծննդեան տօնի հանդիսութիւնները կ՛աւարտին 13 յունուարին ` Տիրոջ անուանակոչութեամբ, որ նուիրուած է Յիսուս Մանուկի տաճար ընծայուելուն, 8-րդ օրը թլփատելու եւ անուանակոչելու յիշատակին:

Ահաւասիկ` Մովսէս Խորհենացիի Ս. Ծննդեան օրհնութեան շարականը, որ դարեր շարունակ կը հնչէ ու կ՛աւետէ մեծ ուրախութեամբ Քրիստոսի ծնունդը եւ յայտնութիւնը:

Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի,
Որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ,
Հովիւքն երգեն ընդ հրեշտակս`
Տան Աւետիս աշխարհի:

Ծնաւ նոր արքայ
Ի Բեթղեհէմ քաղաքի,
Որդիք մարդկան, օրհնեցէ՛ք,
Զի վասն մեր մարմնացաւ:

Անբաւելին երկնի եւ երկրի
Ի խանձարուրս պատեցաւ,
Ոչ մեկնելով ի Հօրէ`
Ի սուրբ այրին բազմեցաւ:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՄԵԶԻ ԵՒ ՁԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ:

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ մէջ Ծննդեան տօնակատարութիւնները կը շարունակուին 8 օր: Այս շրջանը կը կոչուի «Ծննդեան ութօրէք»:

 

 

 

Մոմերը Վառենք…

$
0
0

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

– Նոնա՛, մոմ վառենք:

Մինչ եկեղեցիէն դուրս մթնոլորտը տօնական է, Կաղանդ պապան եւ անոր ընկերակցող կերպարները կ՛երգեն ու կը պարեն, փոքրիկ ձեռքը ափիս մէջ սեղմած` երկուքով կը մտնենք եկեղեցի:

– Քանի՞ հատ մոմ պիտի վառենք,- կը հարցնէ մանուկ Տեսիլը:

– Եօթը հատ,- կը պատասխանեմ` զինք մոմերուն մօտեցնելով:

Լռութիւն է եկեղեցւոյ մէջ, կիսալոյս, խորհրդաւոր: Միասնաբար կ՛ուղղուինք վառող մոմերուն կողմը`  իւրաքանչիւրս տարբեր զգացումներով ողողուած: Մանուկին համար անմեղութիւնն է տիրականը, բնականաբար, մոմերուն լոյսն ու բոցը, անոնց պարին առթած հետաքրքրութիւնը, մոմ վառելու արարողութիւնը ինքնին ուրախութիւն կը սփռէ անոր մաքուր սրտին խորերը: Իմ սրտիս ու մտքիս մէջ տիրական է տարի մը եւս անցեալին յանձնելու իրականութիւնը, իսկ երբ տարի մը եւս կը կորսուի կեանքէդ, պահ մը կանգ կ՛առնես մտածելու, թէ կորսուածը իսկապէս արժէքաւո՞ր է յաճախ: Կը մտածեմ, որ այդ պահերուն մարդ քիչ մը նուազ անձնասէր ըլլալու է, որպէսզի կարենայ` ինքնիրեն հետ հաշուեյարդար կատարել, իր լաւ ու վատ գործերը նժարին դնել, իր ներաշխարհին հետ անկեղծանալ, մոմերու լոյսը իր հոգիին խորերը տանելու քաջութիւնը ունենալ, որպէսզի ամէն բան յստակ երեւի, մակերեսայնութեամբ չծածկուի ու խաբկանքներու պատուարները փուլ գան…

– Վառենք, վառենք…,- կը շշնջայ մանուկը` կարծես չուզելով խանգարել ընդհանուր լռութիւնն ու խոկումս:

Այո՛, կը վառենք եօթն ալ, եւ զանոնք կը զետեղենք այնպիսի դիրքով, որ միանան անոնք, աւելի ուժեղ լոյս ու տաքութիւն տալու զօրութիւն ունենան:

Կը վառենք մեր սիրելիներուն համար, որպէսզի անոնք անպակաս ըլլան մեր կեանքէն, ըլլան առողջ ու ժպտուն, տիրական ու աշխուժ, լուսաւորեն մեր կեանքն ու ուղին, ուր երբեմն, երբ իյնանք կամ շեղինք անկէ, ըլլան մեզի ապաւէն ու առաջնորդ:

Կը վառենք աշխարհի բոլոր մանուկներուն համար, որպէսզի Կաղանդ պապուկը այցելէ ամէնուն, նուէրներ տայ ցուրտն ու մութը, ռումբերուն պայթիւնները իրենց ընկեր դարձուցած անմեղ մանուկին ու պատանին եւս, որովհետեւ անոնք կամովին չէ, որ ընտրած են նման կեանք` զրկուելով տօնը զգալէ, անոր բարիքները վայելելէ: Նաեւ` բոլոր այն զաւակներուն համար, որոնց ծնողները մոռցած են, թէ որքա՜ն վեհ առաքելութիւն ստանձնած են իրենք` լոյս աշխարհ բերելով իրենց գուրգուրանքին կարիքն ունեցող անմեղ էակները:

Կը վառենք մեզմէ առյաւէտ հեռացած մեր սիրելիներուն յիշատակին համար, յատկապէս անոնց, որոնց չհասանք մեր սէրն ու կարօտը արտայայտելու, ուշացանք խոստովանելու, որ իրենք թանկագին ու կարեւոր են մեզի համար… արդեօք մե՞նք ուշացանք, թէ՞ իրենք շուտ մեկնեցան ու բաժնուեցան մեզմէ…

Կը վառենք Լիբանանի համար, ուր բացած ենք մեր աչքերը` կամայ-ակամայ, ուր կ՛ապրինք` դիւրինն ու դժուարը մեր առօրեային հետ շաղախելով, ուր կը պայքարինք հայ մնալու համար: Կը սիրենք այս երկիրը, թէկուզ ան չսիրէ մեզ, ի վերջոյ հո՛ս է, որ իրենց առաջին հանգիստ շունչը առին Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր մեծ ծնողները, հո՛ս է, որ կերտեցին, կառուցեցին ու աճեցան, այս երկրի հողին է, որ իրենց արիւնը միախառնեցին մեր երիտասարդները: Խաղաղութի՜ւն Լիբանանին, աւելի լաւ կեանք` հոս ապրողներուն:

Կը վառենք մեր թանկագին Հայաստանին համար եւ ի սրտէ կը մաղթենք, որ անիկա մնայ անսասան, անցնցում, նորը կերտելու հեւքին մէջ վնասները չըլլան բազում, այլ նորը բերէ բարին, լաւը, անկեղծը, անաղարտը: Վերջապէս Հայաստանն է, մեր բոլորին վեհագոյն արժէքը, սիրելին անպայման, թանկագինը միշտ, ի՛նչ ալ ըլլան պայմաններն ու ժամանակները: Նաեւ` հերոսական Արցախին համար, որպէսզի անոր զաւակները այդ հողին վրայ ապրին ու արարեն, եւ ոչ թէ անոր տակ ննջեն…

Կը վառենք ձիւնածածկ Արարատին համար` յուսալով, որ անոր գագաթին հանգչող սպիտակին բիւրեղութիւնը տարածուի իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ, մաքրէ զայն անձնականութենէ, տիրական դարձնէ հաւաքականը, ազգայինը, որպէսզի Արարատի լանջերուն պար բռնելու երազը մնայ վառ, իսկ մեր պայքարը մնայ անկոտրում:

Կը վառենք Յիսուս Մանուկին համար, շնորհակալութիւն կը յայտնենք Անոր շա՜տ ու շա՛տ բարիքներու համար, կ՛աղօթենք, որ Ս. Ծնունդի առիթով երկինքը լուսաւորած աստղը նաեւ ըլլայ մեր կեանքը լուսաւորող: Կ՛աղօթենք, որ Մանուկը խաղաղութիւն սփռէ աշխարհին, համերաշխութիւնը` մարդկութեան, սէր, սէր ու շա՜տ սէր, այնքան, որ ատելութիւնն ու չարիքը չքանան:

¬ Վերջացա՜ւ…,- ափսոսանքով կ՛ըսէ Տեսիլը` նայելով արցունքով ծանրաբեռնուած կոպերուս եւ իր փոքրիկ թեւերով կը գրկէ ողջ էութիւնս:

Կրկին ձեռք-ձեռքի կը հեռանանք` միանալու տօնական մթնոլորտը վայելողներուն: Աւելի լուսաւոր է եկեղեցին, աւելի ջերմիկ է շրջապատը, մեր մոմերը կը շարունակեն բոցավառիլ` լուսաւորելով մեր ներկան եւ յուշելով, որ Աստուծոյ լոյսն է ատիկա, բարիին ու կատարեալին լոյսը, որուն պէտք է ձգտիլ եւ անով ապրիլ…

 

 

Նազովրեցին` Իրա՛ւ Յեղափոխականը

$
0
0

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը կրօնական իր բովանդակութեան առընթեր հասարակական ու համամարդկային արժէք կը ներկայացնէ անկասկած:

Կրնայ արտասովոր թուիլ Աստուծոյ Միածին Որդւոյն Ծնունդի մասին աշխարհական ու քաղաքական մարդու գրառումը, սակայն ըստ էութեան կրօնականէն անդին անհրաժեշտ է նաեւ Քրիստոսի Ծնունդը դիտարկել մերօրեայ պայմաններուն, կատարուող փոփոխութեանց, արժէքներու ըմբռնողութեանց կամ ապարժէքային նորաստեղծ հեղեղումներու, սկզբունքներու, սովորութեանց եւ աւանդութեանց զարգացման, երբեմն ոտնակոխման ու յաճախ նենգափոխման անկիւնէն:

Եւ դեռ, դիտարկել Քրիստոսի ծնունդէն 2018 տարի ետք, քրիստոնէութեան եւ քրիստոնէական վարդապետութեան ապրած հոլովոյթէն բխող հիմնական դրոյթներուն դիմափոխումը, խօսքի եւ իրականութեան բախումը եւ քրիստոնէութիւնը իբրեւ առօրեայ կենցաղ ապրելու դժուարութիւնը:

Ու մանաւանդ, իբրեւ հայ մարդ ու հայ եկեղեցւոյ զաւակ, քրիստոնէութիւնը ապրելու, քրիստոնէութեամբ հայ մարդու դիմագիծը ամրապնդելու, ու հայ մարդու քրիստոնէական յանձնառութեամբ հաւաքական յաղթանակ տանելու հրամայականը` առանց հակադրուելու այլ կրօններու եւ հաւատալիքներու:

Քրիստոս ինք մարդկութեան պատմութեան մեծագոյն յեղափոխականը եղաւ: Իր ծնունդը մարդկութեան երկունքէն եկաւ, մարդու կեանքը յեղափոխելու եւ անոր տալու ընդհանրական արժէքներ` սէր, արդարութիւն, խաղաղութիւն, հաւասարութիւն եւ ծառայութիւն:

Թշուառութենէ եկող մանուկ Յիսուս ծնաւ մսուրի մէջ` խանձարուրով: Բեհեզեայ զգեստներ եւ ադամանդակուռ զարդեր չունեցաւ Ան:

Մինչեւ 33 տարեկան Աստուծոյ Որդի Քրիստոս աշխատեցաւ իր օրինակով համոզել մարդոց:

Ինք փնտռեց իր աշակերտները` ձկնորսներ եւ ոչ մեծատուներ:

Ինք շրջեցաւ ոտաբոպիկ` առանց ոսկի գաւազանի, ու փնտռեց աղքատը, հիւանդը, թշուառը, մանուկը, մոլորածը, անդամալոյծն ու բորոտը:

Ինք գոհացաւ պատառ մը հացով, բայց կերակրեց հազարներ:

Մտաւ տաճար ու Ինք խարազանեց եւ արտաքսեց սեղանաւորներն ու մաքսաւորները, վաշխառուներն ու տաճարը առեւտրական կեդրոնի վերածողները:

Եղաւ խոնարհ ու համեստ, լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը` իբրեւ նշան հեզութեան ու աշակերտներու մեծութեան:

Եղաւ ներող նոյնիսկ անոնց, որոնք դաւաճանեցին Իրեն:

Գործեց հրաշքներ, մի՛շտ Իր Հօր անունով, առանց պարծենկոտութեան, առանց ինքնագովութեան, առանց ցուցադրամոլութեան:

Ու միշտ ձգտեցաւ տալ աւելի՛ն: Իր տկարութեան վայրկեաններուն մէջ իսկ, հեռու մնաց ինքնագոհութեան բարդոյթէն:

Ու հաւատալով Իր Հօր կողմէ Իրեն տրուած առաքելութեան, հալածուեցաւ, չարչարուեցաւ ու խաչուեցաւ, բայց միշտ մնաց հաւատարիմ Խօսքին, հաւատացեալ` Գործին ու մարդկութեան ազատագրութեան:

Եթէ կը տօնենք Քրիստոսի Ծնունդը, աստուածաբանական ըմբռնումներու եւ վերլուծումներու կողքին, ճանչնանք այդ Ծնունդը նաեւ իբրեւ ընկերային արդարութիւն հաստատող, սէր ու միութիւն սերմանող, խաղաղութիւն բերող, ստրկութեան տարբեր կապանքները քանդող, հաւասարութիւն պահանջող մարդու ծնունդ:

Ճանչնանք այդ Ծնունդը իբրեւ աստուածային առաքելութիւն, որ եկաւ ծառայելու ժողովուրդի բոլոր դասակարգերուն` առանց ծափի ու թմբուկի:

Ճանչնանք այդ Ծնունդը իբրեւ խոնարհութեան, հեզութեան, պարզութեան, անկեղծութեան ու համեստութեան հիմնական արժէք, թելադրանք եւ կեանքի ընթացք:

Ու մանաւանդ ճանչնանք իրա՛ւ յեղափոխական Նազովրեցին, որուն Վարդապետութիւնը քսան դարերէ ի վեր կը շարունակէ ապրիլ, երբեմն տկարութեամբ, երբեմն գունաթափումով, երբեմն կասկածով, բայց միշտ կը շարունակէ մնալ մարդու ուղղութիւնն ու տեսակը ճշդող փարոս:

Իրաւ յեղափոխականի, գործով յեղափոխականի անձնական վարակիչ օրինակով: Յեղափոխականի լաւագոյն, մեծագոյն տիպարն է Քրիստոս:

Ու աշխարհով մէկ տարածուած հայ մարդը, իր ժողովուրդի գոյատեւման հաւատացող հայ մարդը, եկեղեցականն ու աշխարհականը, երէցն ու երիտասարդը, կինն ու այր մարդը, երեխան ու ալեհերը, հայախօսն ու օտարախօսը, հարուստն ու աղքատը, առողջն ու հիւանդը, պետական այրը կամ պարզ քաղաքացին, բայց մանաւանդ ու առաջին հերթին մեր ժողովուրդի ճակատագիրը իր պատասխանատուութիւնը նկատած ու նկատող կղերական ու աշխարհական դէմքերը իրենք պարտին Քրիստոսի մէջ տեսնել ընկերային արդարութիւն ճառագայթող յեղափոխական մարդն ու քալեն այդ ճանապարհէն խոնարհութեամբ եւ մանաւանդ հաւատքով` առանց պարծենկոտութեան ու ինքնագոհութեան:

Այդ ժամանակ միայն կ՛արժեւորուին Ծննդեան աղօթքներն ու բարեմաղթութիւնները,

Հայ մարդու բերնէն ելած հայադրոշմ աղօթքը:

 

 

 

Փառքը` Աստուծոյ, Խաղաղութիւն Եւ Հաճութիւն` Մեր Ընելիքը

$
0
0

«Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք,
երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն»:
Ղուկ. 2. 14

Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան գիշերուան լռութեան մէջ` դաշտին մէջ եղող հովիւները հրեշտակներու «երգը» լսեցին եւ լեցուեցան յոյսով:  Անոնք մինչեւ Բեթղեհէմ գացին ստուգելու, թէ արդեօք իրա՞ւ է առաջին հրեշտակին իրենց հաղորդած աւետիսը:  Գացին եւ գտա՛ն աւետիսին ստոյգ ըլլալը. իսկ` հրեշտակներու բազմութեան երգի՞ն ստուգութիւնը…

Մարդոց միջեւ իրականանալիք հաճութիւնը եւ երկրի վրայ խաղաղութիւնը մինչեւ այսօր կը վրիպին մարդկութեան հասողութենէն:  Մարդուն ժամանակները տակաւին լեցուն են պայքարներով եւ ալեկոծութիւններով: Մարդ արարածը փառքը Աստուծոյ տալու փոխարէն` կը փորձէ ինքզինք փառաւորել իր շուրջինները նուաստացնելով, մօտիկները եւ հեռաւորները կեղեքելով, իր նմանները անարգելով, իրմէ տկար եղողները անտեսելով եւ բոլորը խաբել ջանալով:  Ան կը ստեղծէ անխաղաղ եւ տհաճ վիճակներ, որոնց մէջ այդ անտեսուած ու խաբուած մարդիկ կ՛աշխատին, կը պայքարին, որպէսզի ձերբազատին այդ «մարդէն»:  Կարծես իրական չըլլար հրեշտակներուն երգը:

Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան ընկերացող այդ հրեշտակային երգը յայտարարութի՞ւն էր, թէ՞ մաղթանք մարդոց տրուած, ըստ երեւոյթին` յստակ չէ մարդոց: Յայտարարութիւն ըլլալու պարագային` ինչո՞ւ չ՛իրականանար. մաղթանք ըլլալու պարագային` ի՞նչ հաւաստիք ունինք: Ս. Ծննդեան տօնէն անդին` կարծէք ո՛չ կը յիշուին «խաղաղութիւն» եւ «հաճութիւն» վիճակները, ո՛չ ալ անոնց իրականանալուն համար յոյս մը կայ: Կան միայն խօսքեր եւ փորձերու ժողովներ:  Ուրեմն` յոյս կը տեսնուի միայն պայքարելուն մէջ. պայքար, որ ծանր կը կշռէ մեր վրայ. պայքար, որ շատ սուղ կ՛արժէ մարդոց:

Ամէն տեսակ պայքար կը տեսնենք ամէն տեղ. պայքար եւ ցոյցեր` ապրելակերպի մակարդակներու բարելաւման համար, պայքար եւ վէճեր` քաղաքական շահերու ապահովման համար, պայքար` կաշառակերութեան դէմ, պայքար` արդարութեան ի խնդիր, պայքար` իշխանութեան փտածութեան դէմ… մարդիկ իրենց յոյսը կը տեսնեն պայքարելուն մէջ, մինչ յստակ չէ, թէ ի՛նչ պիտի փոխուի իբրեւ արդիւնքը այդ պայքարին:  Իրապէս պիտի փոխուի՞ մարդկութեան վիճակը, թէ պարզապէս պիտի փոխարինուին անխաղաղ եւ անհաճոյ վիճակ պատճառողները ուրիշներով: Իշխանութիւնը չարաշահող մէկուն փոխարէն ուրիշ չարաշահող մը իշխանութեան գալով` պիտի փոխուի՞ կացութիւնը:  Տեսէ՛ք, թէ քանիներ կը տուժեն պայքարներուն մէջ եւ պայքարներուն պատճառով` ֆիզիքապէս ըլլայ այդ, թէ բարոյապէս: Եթէ ատիկա իրական փոփոխութիւն մը բերէր մարդկութեան վիճակին` ապա պիտի արժէր պայքարիլ: Իսկ քանի՞ պարագայի մէջ պայքարը բերած է իսկական, էական փոփոխութիւն…  Մեր պայքարին մէջ` երբ եսասէր կ՛ըլլանք եւ այդպէս կ՛աշխատինք յոյս ներշնչել մենք մեզի եւ ուրիշին, այդ յոյսը խաբկանք կ՛ըլլայ:

Կացութիւնները կը փոխուին միա՛յն, երբ հրեշտակներուն երգը կ՛ընդունինք իբրեւ յանձնարարութիւն Աստուծմէ մեզի տրուած. ո՛չ պարզ յայտարարութիւն, ո՛չ ալ հրեշտակային մաղթանք: Ամէն բանէ առաջ` փառքը Աստուծոյ տալու կեցուածք պէտք է ունենանք, որպէսզի հրեշտակներու երգին մնացեալ մասով համոզուինք եւ անիկա իրական դառնայ նախ մեզի համար, եւ ապա` մեր շուրջիններուն: Խաղաղութիւն եւ հաճութիւն տարածելը մարդուն տրուած աստուածային պատուէր է, որ իրական  պատասխանատուութիւնն է մարդուն:  Մենք ենք, որ Աստուծոյ հնազանդելով` մեր անձերը եւ մեր շրջապատը խաղաղ եւ հաճելի պիտի ընենք եւ Խաղաղութեան Իշխանին Ծննդեան տօնը մեր արդար բաժինը պիտի ըլլայ:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

                                                                                  ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
Նախագահ Մերձաւոր Արեւելքի
Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան

Յունուար 2019

 

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Քրիստոս` Լո՛յսը Աշխարհին

$
0
0

Բեթղեհէմի մէջ աշխարհին յայտնուած Աստուծոյ Որդին ինքզինք ներկայացուց որպէս լո՛յսը աշխարհին. «Ես որպէս լո՛յս եկայ աշխարհ, որպէսզի ով որ ինծի հաւատայ` խաւարի մէջ չմնայ» (Յհ. 12.46):

Աստուած ո՛չ միայն ստեղծիչն է լոյսին, այլ նաեւ լո՛յս է իր էութեամբ ու յայտնութեամբ: Արդ, լոյսի ներկայութիւնը Աստուծոյ ներկայութիւնն է. լոյսի բացակայութիւնը` Աստուծոյ բացակայութիւնը: Այս խոր գիտակցութենէն մղուած Հին կտակարանի մարգարէները աղերսեցին Աստուծոյ ըսելով` Տէր, ղրկէ քու լոյսդ, որպէսզի առաջնորդէ մեզ  կեանքի խաւար ճամբաներուն մէջ (Սղ. 43.3): Սակայն, խաւարին դիմաց, աշխարհի ճշմարի՛տ լոյսին հաւատարիմ ըլլալու կոչուած մարդը հեռու պահեց զԱստուած` մեղքով, ատելութեամբ ու չարով լեցուն իր կեանքէն:

Եւ ահա օր մը, աշխարհի խաւարին մէջ Բեթղեհէմէն հնչեց ձայնը Աստուծոյ Որդւոյն` «ե՛ս եմ լոյսը աշխարհին» (Յհ. 8.12): Երկնային լոյսը իջած էր երկիր: Լոյսի մարդեղացումը ինքնանպատակ չէր. անոր նպատակը խաւարի մէջ կորսուած մարդուն պայծառակերպումն էր. մարդու պատճառով խաւարի վերածուած տիեզերքին վերալուսաւորումն էր` երկնային կենսատու լոյսով:

Աշխարհին որպէս լոյս յայտնուած Աստուծոյ Որդին, երկնային լոյսը առատօրէն բաշխեց մարդոց` կոյրերուն աչքերը բանալով, համրերուն լեզու տալով, մեռելներուն կեանք պարգեւելով, մարդը ազատագրելով խաւարի տիրապետութենէն ու իր առջեւ բանալով յաւիտենական կեանք առաջնորդող լուսեղէն ճամբան: Աստուծոյ մարդեղացած լոյսը` Քրիստոս, վստահեցուց մարդը ըսելով. «Ով որ ինծի կը հետեւի` խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ունենայ այն լոյսը, որ կեանքի՛ն կ՛առաջնորդէ» (Յհ. 8.12):

Ահա՛ դարերէն եկող ու դարերուն գացող պատգամը Քրիստոսին:

Աշխարհին բոլոր լոյսերը մոլորեցուցիչ են ու ապականիչ: Քրիստոս ի՛նքն է ճշմարիտ լոյսը աշխարհին: Լոյսը հոմանիշ է կեանքի, բարութեան, յաղթանակի, յաւերժութեան, սիրոյ, փրկութեան. իսկ խաւարը` չարի, ատելութեան, մեղքի ու մահուան: Արդ, Քրիստոսի հետեւիլ կը նշանակէ` խաւարէն քալել դէպի լոյս, չարէն` դէպի բարին, մեղքէն` դէպի փրկութիւն, մահէն` դէպի կեանք: Քրիստոսի հետեւիլ կը նշանակէ` դառնալ լոյսի առաքեալ, մեր շրջապատը լոյս-մտածումներով ու լոյս-գործերով պայծառակերպելով:

Պետրոս առաքեալ Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած առաջին դարու քրիստոնեաներուն կը յիշեցնէ ըսելով` Աստուած Քրիստոսով մեզ «խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց» (Ա.Պտ 2.9). հետեւաբար, այս գիտակցութեամբ պէտք է ապրիլ մեր կեանքը:

Պօղոս առաքեալ յիշելէ յետոյ, թէ ինք աստուածային լոյսին հալածիչը եղած էր. եւ վկայելէ յետոյ, թէ Քրիստոս իրեն սրբազան պարտաւորութիւն մը տուած էր մարդը խաւարէն դէպի լոյս առաջնորդելու (Գրծք. 26.18), կը զգուշացնէ քրիստոնեաները ըսելով` «խաւարի գործերէն հեռանանք եւ լոյսի զէնքերը մեր վրայ առնենք» (Հռ. 13.12):

Բեթղեհէմը աստուածային լոյսին յաւերժահոս աղբիւրն է` յաւիտեանս յաւիտենից: Առանց Բեթղեհէմէն ճառագայթող լոյսին  խաւա՛ր է մարդկային կեանքը: Բեթղեհէմի ներկայութիւնը ապրիլ կը նշանակէ` լոյսի մէջ ապրիլ եւ դառնալ «լոյսի որդիներ»: Բեթղեհէմի խորհուրդով լեցուիլ կը նշանակէ` «լոյսի զէնքերով» պաշտպանուիլ խաւարին դէմ:

Այս գիտակից հաւատքով մեր ժողովուրդը բացուեցաւ Բեթղեհէմի լոյսին. այս լոյսով շաղախեց իր կեանքը եւ թրծեց իր կեանքին սրբազան արժէքներն ու խորհրդանիշերը. այս լոյսին համար ստեղծագործեց, վկայեց, պայքարեցաւ ու նահատակուեցաւ:

Աստուածայայտնութիւնը երկնային լոյսին յայտնութեան տօնն է: Հետեւաբար, ան յիշեցում մըն է աստուածային լոյսին երկիր էջքին. հրաւէր մը` դառնալու Բեթղեհէմի յաւերժափայլ լոյսին, եւ կոչ մը` լեցուելու այդ լոյսին պայծառակերպիչ զօրութեամբ:

Արդ, սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց, եկէ՛ք ընդառաջենք Բեթղեհէմէն եկող աստուածային հրաւէրին: Լո՛յս դառնանք մեր կեանքով ու գործով հոն, ուր խաւար կը տիրէ. լոյսի վկա՛ն դառնանք հոն, ուր լոյսի ծարաւը կայ. լոյսի առաքեալը դառնանք հոն, ուր խաւարը լուսագեղ պատմուճաններով կը մոլորեցնէ մեր ազգին զաւակները:

Մեր կեանքին ճշմարիտ լոյսը Բեթղեհէմի մէջ ծնած Յիսուս Մանուկն է: Դառնանք իրեն, մօտենանք իրեն, որպէսզի մեր կեանքին բոլոր օրերը իր լոյսով լեցուին: Մեր կեանքի խաւար ճամբաները, խաւար մտածումներն ու գործերը լուսաւորողը Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդին է. հետեւի՛նք իրեն:

Չմոռնանք առաքեալին յորդորը` «զգո՛ւշ, չըլլայ թէ քու մէջդ եղող լոյսը խաւարի» (Ղկ. 11.35), որովհետեւ «ան որ խաւարին մէջ կը քալէ, չի գիտեր, թէ ո՛ւր կ՛երթայ» (Յհ. 12.35):

Մեր կեանքի ճամբան` Բեթղեհէմի երկնային լոյսով լուսաւորուած ճամբան է: Քալենք ա՛յս ճամբէն` հաւատքով զօրացած, սիրով լեցուած ու յոյսով գօտեպնդուած: Ահա այն ատեն միայն կրնանք ըսել` Սաղմոսին բառերով. «Տէրը իմ լոյսս է, ես ո՛չ մէկէն կը վախնամ» (27.1):

***

Աստուածայայտնութեան խորհուրդով լեցուն այս օրերուն, հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ տիար Արմէն Սարգսեանը, վսեմաշուք վարչապետ տիար Նիկոլ Փաշինեանը եւ Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ տիար Բակօ Սահակեանը` մաղթելով իրենց արդիւնաշատ հայրենանուէր ծառայութիւն:

Եղբայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, հայցելով ամենաբարին Աստուծմէ, որ իրեն շնորհէ եկեղեցաշէն իրագործումներով լեցուն գահակալութիւն: Քրիստոնէական սիրով կ՛ողջունենք Երուսաղէմի հայոց պատրիարք` ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքական տեղապահ Գերշ. Տ. Արամ արք. Աթէշեանը` մաղթելով իրենց աստուածահաճոյ գործերով լեցուն ծառայութիւն:

Հայրական սիրով եւ հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու թեմակալ առաջնորդները, հոգեւորական դասը, ազգային իշխանութիւններն ու յարակից մարմինները, ինչպէս նաեւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակները` հայցելով Աստուծմէ, որ Բեթղեհէմէն ճառագայթող լոյսով լուսազարդուի իրենց կեանքն ու գործը:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Անթիլիաս, Լիբանան

 


ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Փրկութեան Ուղին Սկիզբ Առաւ Ընտանիքից

$
0
0

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն:
Փառք հրաշափառ Ծննդեան եւ Յայտնութեան Քո, Տէր:

Սիրելի՛ բարեպաշտ ժողովուրդ,

Այսօր ունկնդիր ենք Քրիստոսի Ս. Ծննդեան աւետիսին եւ խնդութեամբ օրհնաբանում ենք Աստծուն փրկութեան Իր շնորհի համար: Նրան ենք փառաբանում, ասում է առաքեալը, «ով կարող է մեզ պահել անբիծ ու անարատ եւ կանգնեցնել Իր փառքի առաջ անխառն ցնծութեամբ» (Յուդա 24):

Մսուրում ծնուած եւ աշխարհ եկած Մանկան մասին հրեշտակն աւետում է. «Այսօր Դաւթի քաղաքում ձեզ համար ծնուեց մի Փրկիչ, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղուկ. Բ 11): Քրիստոս ծնուեց Աստուծոյ երկիւղով լեցուն, երկնային առաքինութիւններով զարդարուած Սուրբ Կոյսից: Աստուծոյ Որդին հասակ առաւ բարեպաշտ ընտանեկան յարկում Սուրբ Տիրամօր եւ Սուրբ Յովսէփի, ովքեր ամԷն նեղութեան ու հալածանքի համբերեցին, հոգ տարան Մանուկ Յիսուսին` իրենց հաւատաւոր կեանքով դառնալով Նրա աստուածային առաքելութեան մասնակիցը:

Ս. Ծննդեան հրաշազարդ պատկերի մէջ, սիրելինե՛ր, տեսնում ենք, որ փրկութեան ուղին սկիզբ առաւ ընտանիքից: Ընտանիքից ծագեց մարդկանց երկնային արքայութեան ժառանգորդը դարձնելու լուսեղէն ճանապարհը: Քրիստոսով, արդարեւ, մենք որդեգիրներն ենք Աստուծոյ: Քրիստոսով մեզ Հայր է Արարիչն Աստուած, Ով սիրում է մեզ եւ նորոգում է մեր կեանքը Ս. Ծննդեան յուսառատ ու օրհնաբեր ուրախութեամբ: Փրկչի  Ծննդեան աւետիսը ոռոգում է մեր հոգիները, լիացնում մեր հոգեւոր ապրումներն ու զգացումները, պարգեւում է ուժ ու զօրութիւն աստուածային կամքի մէջ մնալու, մեր կեանքում ու գործերում զօրացնելու խաղաղութեան, արդարութեան, սիրոյ, համերաշխութեան ուղիները եւ մշտահունչ պահելու առ Աստուած փառաբանութիւնը. «Փառք հրաշափառ Ծննդեան եւ Յայտնութեան Քո, Տէր»:

Ս. Ծննդեան հոգեպարար զգացումների մէջ, սիրելի՛ բարեպաշտ ժողովուրդ, մեր աղօթական մտքերն ուղղուած են նաեւ աշխարհի մեծ ընտանիքի հաւատակից մեր այն քոյրերն ու եղբայրները, ովքեր նուիրական այս տօնը դիմաւորում են վշտի ու նեղութիւնների մէջ: Մեր մտածումներն ուղղուած են այնտեղ, որտեղ մարդկութեան կեանքը տեւականօրէն ալեկոծում են անարդարութիւնը, գերիշխելու անյագուրդ տենչը, ագահութիւնը, որտեղ մարդիկ շարունակում են կրել աղքատութեան, իրաւունքների ոտնահարման, պատերազմների առաջ բերած աւերներն ու ցաւերը, որտեղ բռնութիւնը բռնութիւն է ծնում, ատելութիւնը` ատելութիւն, խաբէութիւնն ու սուտը բազմապատկւում են նոր կեղծիքներով: Այս չարիքները, լինեն դրանք միջանձնային յարաբերութիւններում, ընտանիքներում, թէ ազգերի ու պետութիւնների միջեւ, տանում են դէպի փակուղիներ ու ճգնաժամեր, որոնց յաղթահարման համար շարունակ մեծ ջանք ու ճիգեր են պահանջւում: Փակուղիների են տանում նաեւ կեղծ ազատականութեան աստուածամարտ ընթացքները` հեռացնելով տէրունապատուէր կեանքից, հոգեւորից, խաթարելով հիմերը առողջ հասարակութեան եւ ամուր ընտանիքի: Քրիստոսի պարգեւած փրկութեան աստուածպատուէր ուղիներով է, որ մարդկութիւնը պիտի կարողանայ Երկիր մոլորակի վրայ լինել ու մնալ որպէս մեծ ընտանիք` փոխադարձ սիրով ու օգնութեամբ ամոքելով իր վէրքերը, հոգալով կարիքները, կարգաւորելով այս աշխարհի խնդիրները եւ ծառայելով «յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն» հրեշտակաձայն պատգամին, որը հնչեց շնորհաբեր ժամին Քրիստոսի Ս. Ծննդեան:

Մեր պատմութեան օրհնեալ ժամանակաշրջանում մեր ժողովուրդը Քրիստոսով դարձել է հաւատաւոր մէկ ընտանիք` լուսաւորուելով Տիրոջ կենարար շնորհներով: Առ Տէրը հաւատարիմ ընթացքը բարեպաշտ մեր նախնեաց, մենք, որպէս նրանց հարազատ զաւակները, պիտի շարունակենք պահպանել անսասան հաւատով եւ ապրել ու գործել առաջընթացի վճռականութեամբ: Այսօր մեր կեանքի նոր փոփոխութիւններում թեւածում են յոյսն ու լաւատեսութիւնը` նորանոր ձեռքբերումներ արձանագրելու, յաջողութիւններ ու յաղթանակներ կերտելու: Միմեանց ապաւինելով ու սատարելով ի զօրու ենք շէնացնել մեր կեանքը հայրենիքում ու սփիւռքում, պաշտպանել մեր սահմանները, ազգային արդար իրաւունքները, հզօրացնել Հայաստան ու Արցախ հայրենի մեր երկիրը: Հայրենիքի արժանաւոր զաւակ դաստիարակելու, պետութեան քաղաքացի կրթելու առաջին հանգրուանը ընտանիքն է: Ընտանիքում է կերտւում ազգի ապագան, դրւում հիմերը հզօր պետութեան: Ընտանիքի գորովաշատ միջավայրում են մանուկ հոգիներում պտղաբերում Աստուծոյ խօսքի սերմանուած հունտերը, սնուցւում հոգեւոր-բարոյական արժէքները, բարին ընտրելու աներկիւղ ոգին: Ընտանիքում մատուցուած օրինակով կրթւում են միմեանց հանդէպ սէրը, վստահութիւնը եւ հոգատարութիւնը: Արդ, նախանձախնդիր մնանք նուիրականութեանն ու ամրութեանը ընտանիքի: Անխաթար պահպանենք աստուածահաստատ ընտանիք հասկացութիւնը, նրա սրբութիւնը, ազգային աւանդոյթները, խնամենք ու բարձրացնենք մեր հոգեւոր ու ազգային կեանքը եւ մնանք մշտապէս Տիրոջ որդեգրութեան շնորհի մէջ` որպէս հաւատաւոր մէկ ընտանիք, որպէս Աստուծոյ սեփական ժողովուրդ:

Աստուածօրհնեալ ընտանիքի արժէքը եւ հիմնարար առաքելութիւնը կարեւորելով ազգային, պետական ու հասարակական մեր կեանքում` 2019 թուականը հռչակում ենք «Ընտանիքի տարի»: Յորդորում ենք եկեղեցական եւ թեմական մեր կառոյցներին եւ հոգեւոր սպասաւորներին նախաձեռնել ընտանիքներին ուղղուած աջակցութեան ծրագրեր ու միջոցառումներ, կազմակերպել ուխտագնացութիւններ մայր հայրենիք, Ս. Էջմիածին, Տէրունական եւ հայրենական սրբավայրեր` զօրանալու հաւատքով, տոգորուելու հայրենեաց սիրոյ ջերմութեամբ եւ ազգի ու հայրենիքի զաւակը լինելու նուիրական գիտակցութեամբ:

Ս. Ծննդեան բերկրալի աւետիսով եղբայրական մեր ողջոյնն ենք յղում առաքելական մեր սուրբ եկեղեցու նուիրապետական աթոռների Գահակալներին` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին, Երուսաղէմի հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանին: Աղօթում ենք հիւանդութեան մահճում գտնուող ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեան պատրիարքի համար: Փրկչի շնորհների հայցով մեր ողջոյնն ենք յղում քոյր եկեղեցիների հոգեւոր պետերին: Հայրապետական օրհնութեամբ ողջունում եւ մեր բարեմաղթանքներն ենք բերում սրբազան պատարագի արարողութեանը ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ տիար Արմէն Սարգսեանին եւ վարչապետի պաշտօնակատար տիար Նիկոլ Փաշինեանին: Ողջոյն ենք յղում Արցախի Հանրապետութեան նախագահ տիար Բակօ Սահակեանին, հայոց պետական աւագանուն, Հայաստանում հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւնների ներկայացուցիչներին: Հայրապետական մեր սէրը, օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները` մեր սուրբ եկեղեցու հոգեւոր դասին եւ համայն հաւատաւոր մեր ժողովրդին:

Ս. Ծննդեան  հոգենորոգ այս օրը աղօթում եւ հայցում ենք, որ աշխարհում  բազմապատկուեն երկնային շնորհները, մարդիկ առատութեամբ պտղաբերեն բարի գործեր, սէր, արդարութիւն, խաղաղութիւն, գութ ու ողորմածութիւն, որոնք դիմադարձում են չարիքներին եւ ճանապարհ հարթում դէպի լուսաւոր գալիքը մարդկութեան: Աղօթքով առ Աստուած հայցում ենք, որ Իր ամենախնամ հոգածութեան եւ սիրոյ մէջ պահի մեր ժողովրդին եւ պարգեւի ուժ ու զօրութիւն` կերտելու նոր օրը իր կեանքի եւ մնալու օրհնեալ, նուիրեալ ընտանիքը Քրիստոսի` հաւատարիմ սրտով միշտ փառաբանելու. «Փառք հրաշափառ Ծննդեան եւ Յայտնութեան Քո, Տէր»:

Գոհաբանական այս զգացումով աշխարհասփիւռ հաւատաւոր մեր ժողովրդին ցնծութեամբ աւետում ենք`

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս:

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

Ս. Էջմիածին-Հայաստան

Քաղաքական Անդրադարձ. Հիւսիսային Սուրիան Դէպի Ո՞ւր

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Ուրբաթ, 28 դեկտեմբեր 2018-ին սուրիական բանակը յայտարարեց, որ իր ուժերը ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Մընպեժ քաղաքը մտան: Այս քաղաքը քրտական ջոկատներու վերահսկողութեան տակ կը գտնուէր եւ թրքական յարձակումի սպառնալիքին տակ էր: Սակայն արդեօք այս քայլով թրքական սպառնալիքը կանխուեցա՞ւ:

Պահ մը կ՛ուզեմ քաղաքական վերլուծումը մէկ կողմ դնել եւ անդրադառնալ վերջին քանի մը տարիներու իմ անձնական եզրակացութիւններուս, որոնք արդիւնք են բարեկամական, ակադեմական կամ նոյնիսկ քաղաքական որոշ հանդիպումներու` ՔԱԿ-ի կամ Սուրիոյ մէջ ապրող քիւրտ քաղաքագէտներու կամ ղեկավարներու հետ:

2011-էն մինչեւ 2012 քիւրտերը եւ անոնց ղեկավարութիւնը անորոշութեան մը մէջ էին: Տակաւին յստակ ծրագիր չկար, թէ անոնք Սուրիոյ մէջ պէտք է ընդդիմութեան օգտի՞ն դիրքորոշուէին, թէ՞ պետութեան: Այս անորոշութիւնը զիրենք քաղաքական ընդհանուր պատկերէն հեռու պահեց:

Սակայն 2012-ին, երբ սուրիական զօրքը քաշուեցաւ Հասաքէէն, Գամիշլիէն եւ այլ շրջաններէ, ուր քիւրտերը մեծամասնութիւն կը կազմեն, ՔԱԿ-ի քոյր կուսակցութիւնը` «Պէ Ուայ Տէ»-ն այս պարապութիւնը լեցուց եւ հիմնեց Հիւսիսային Սուրիոյ ինքնավար մարզը: Քիւրտերը այս մարզը կը կոչեն «Ռոժավա» կամ` Արեւելեան Քիւրտիստան: Սկզբնական շրջանին բաւական լուրջ բախումներ կային քիւրտերուն եւ շրջանի արաբներուն ու ասորիներուն միջեւ, եւ քիւրտերը այս հարցը լուծելու համար փորձեցին համոզել այլ ազգային հաւաքականութիւններ` միանալու իրենց ծրագիրին: Իսկ եւրոպացիին աչքը մտնելու համար անոնք բաւական ծրագրուած տեղեկատուական պայքար մղեցին` քարոզելով ֆեմինիզմի հասկացողութիւնները իրենց շարքերուն մէջ: Արեւմտեան լրատուական միջոցները գրեթէ համոզուած էին, որ իսլամական ծայրայեղական խմբաւորումներուն դէմ յաղթանակ տանելու միակ միջոցը քրտական ջոկատները զինելն էր: Եւ այսպէս ալ եղաւ:

Սակայն ընկերվարութեան կարմիր դրօշին տակ քրտական ազգայնականութիւնը կ՛արտացոլար, եւ ասիկա պատճառ դարձաւ, որ արաբները եւ ասորիներէն մաս մը պետութեան կողմը անցնին: Իսկ թիւրքմենները, չընդունելով քրտական իշխանութիւնը, սատարեցին թրքական քաղաքականութեան:

Միացեալ Նահանգներուն համար 2013-ի վերջաւորութեան յստակ դարձաւ, որ «Սուրիական ազատ բանակ»-ը արդէն իսկ պառակտուած էր, եւ իսլամամէտ ղեկավարները կը տիրեն այդ «բանակ»-ին, հետեւաբար Սուրիոյ մէջ գետնի վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու իրենց քաղաքականութեան համար ռազմական դաշնակիցի կարիքը կար: Այդ դաշնակիցները քիւրտերը եղան, 2015-ին քրտական ջոկատները միաւորուեցան եւ անուանուեցան «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր», որոնց նաեւ միացան ասորական եւ արաբական որոշ զինեալ խմբաւորումներ: «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր»-ը բաւական աշխուժ եւ արագ յաղթանակներ արձանագրեցին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ, սակայն անոնց յաղթական երթը վերջ գտաւ, երբ 2018 յունուարին քրտական Աֆրին քաղաքը ինկաւ թրքական եւ թրքամէտ ուժերուն ձեռքը: Հոս յստակ էր, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը սահմանափակուած էր որոշ շրջաններու մէջ:

Հակառակ Աֆրինի անկումին` քրտական տարբեր կողմեր տակաւին ինքնաժխտման վիճակի մէջ էին եւ կը կարծէին, որ զինեալ դիմադրութիւնը պիտի շարունակուէր, սակայն անոնք շատ շուտ ընկճուեցան, եւ աֆրինցիք դարձան թափառական: Արդեօք ո՞վ էր պատասխանատուն: Եթէ սուրիական բանակը Աֆրին մտնէր, այսօր աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր քիւրտերուն դիրքը Սուրիոյ մէջ: Սակայն Աֆրինի դասերը շուտ քաղուեցան, եւ զարմանալի չէր, որ քրտական մարզը ընդունեց, որ սուրիական բանակը ռուսական հսկողութեան տակ մտնէ Մընպեժ: Թրքական կողմը զգուշութեամբ կը դիտէր այս իրադարձութիւնը` մտածելով, որ թերեւս ասիկա Էրտողանի համար լաւ առիթ մը կ՛ըլլայ վերադասաւորելու իր յարաբերութիւնը սուրիական վարչակարգին հետ:

2019-ին հաւանաբար ըլլայ այն տարին, երբ քրտական հարցը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ լուծումի կը յանգի: Ամերիկեան ուժերը նահանջի մէջ են, իսկ քիւրտերը ունին երկու ելք. կա՛մ կռուիլ թրքական բանակին դէմ եւ տեսնել Աֆրինի նման ճակատագիր, կա՛մ ալ ընդունիլ սուրիական պետութեան գերիշխանութիւնը եւ որոշ քաղաքական ձեռքբերումներ ունենալ ռուսական հովանաւորութեան տակ:

Yeghia.tash@gmail.com

Ակնարկ. Թուրքիոյ Դէմ «Քոալիսիոն»

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ձգենք, որ Տոնըլտ Թրամփ իր (չ)հասկցած ձեւով դիմագրաւէ` դեմոկրատներուն նորագոյն յարձակողականը, «ռուսական միջամտութեան» ամբաստանութիւնները, Մեքսիքայի սահմանին վրայ պատ կառուցելու ծրագիրն ու տնտեսական բազմաճիւղ մարտահրաւէրներ, Էմանուէլ Մաքրոնն ալ թողունք «Դեղին բաճկոնաւոր»-ներուն դէմ իր մրցումի դաշտին մէջ,

Թող Հնդկաստանն ալ իր միջոցներով լուծում որոնէ հնադարեան տաճարէ մը ներս կիներու մուտքը արտօնող դատական որոշումին դէմ բարձրացած փոթորիկին,

Պահ մը մեր աչքերը հեռացնենք աշխարհը յուզող աղէտներէն ու անմիջական այլ իրադարձութիւններէ եւ կեդրոնանանք այնպիսի զարգացումներու վրայ, որոնք կը շահագրգռեն, պէ՛տք է շահագրգռեն մեզ` հայերս, Հայաստանի մէջ թէ արտերկրի տարածքին: Ի մտի ունինք Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս դրացիներուն հանդէպ Թուրքիոյ վերանորոգուած ախորժակներուն թղթածրարը եւ զայն ձախողութեան մատնելու պահանջը:

Սուրիոյ, Իրաքի, արաբական այլ երկիրներու եւ Կիպրոսի մէջ թրքական անբարեմիտ, չըսելու համար` ոճրային ու աշխարհակալական դիտաւորութիւնները երկար պատմութիւն կերտած են տասնամեակներէ ի վեր. սեւով ու կարմիրով հիւսուած այդ պատմութիւնը վերջին ամիսներուն նոր էջեր կ՛արձանագրէ աշխարհի աչքերուն ու ականջներուն առջեւ, զարգացումներ, որոնց դիմաց մենք` հայերս, ընդհանրապէս կը մնանք լուռ հանդիսատես, կամ կրաւորական քաղաքականութեան խրամատին մէջ կը պահենք մենք մեզ, մինչդեռ թրքական եաթաղանին ենթակայ որեւէ այլ ժողովուրդի չափ, որեւէ այլ ժողովուրդէ աւելի, մե՛նք գիտենք այդ պատմութեան ահաւոր հետեւանքները, հետեւաբար նաեւ կը կանգնինք լուրջ մարտահրաւէրի դէմ յանդիման:

Յիշատակենք ու անցնինք արագօրէն. Թուրքիա արեւմտեան զինակցութեան անդամ է, սակայն նաեւ առիթ չի փախցներ իր դաշնակիցներուն հետ վարուելու թշնամական ոճով. երբեմն ալ կը հագուի Արեւմուտքի մրցակից Ռուսիոյ հետ բարեկամութիւն ու մերձեցում խաղալու պատմուճանը, ու այս «հաւասարակշռուած» վիճակին մէջ ներողամիտ վերաբերմունքի կ՛արժանանայ թէ՛ դաշնակիցներէն եւ թէ՛ անոնց հակադրուող ուժերէն: Այս «վահան»-ով զրահաւորուած` Թուրքիա յաջողած է անպատիժ կերպով շարունակել քիւրտերուն ջարդը` Իրաքի, Սուրիոյ մէջ թէ իր հողերուն վրայ, սանձարձակ միջամտութիւններ կը կատարէ (նոր միջամտութիւններու ալ կը պատրաստուի) հարաւի իր դրացիներուն սահմաններէն ներս, մինչեւ իսկ կը յաւակնի խաղաղարար միջնորդի գլխարկով ներկայանալ եւ համախոհներ կը գտնէ անմիջական շրջապատին մէջ ու աւելի հեռուները:

Ամերիկեան ուժերուն Սուրիայէն հեռացման նախագահ Թրամփի որոշումը, 19 դեկտեմբերին, նոր մտրակահարումի ենթարկեց թրքական ախորժակները. անդին` ահազանգ հնչեց, որ եթէ այդ որոշումին գործադրութիւնը լրումին հասնի, Թուրքիա կրնայ ոճրային նոր յարձակողականներ գործել Սուրիոյ հիւսիսային գօտիներէ ներս` «ահաբեկիչ քիւրտեր» հետապնդելու պատճառաբանութեամբ, վստահ ըլլալով, որ ստեղծուած մթնոլորտը աւելի՛ թանձր մշուշ պիտի հաւաքէ «իսլամական պետութեան» ոճրածին խմբաւորումներուն իր տրամադրած աջակցութեան վրայ:

Մէկ բան յստակ է եւ անվիճելի. Ցեղասպանութենէն առաջ իսկ իր ոճրային ու անարդար վարմունքով ծանօթ Թուրքիոյ էութենէն բան չէ փոխուած, աւելի՛ն, Անգարայի վարիչները չեն կրնար, իրաւունք չունին խաղաղարարի կամ հաշտարարի դերակատարութիւն ունենալու ո՛չ մօտիկ, ո՛չ ալ հեռաւոր երկիրներու մէջ: Այս ճշմարտութիւնը բացայայտելու կոչուած են բոլոր անոնք, որոնք կրած են նման «բարեմիտ միջամտութիւններու» ծանրագոյն հետեւանքները: Ու մենք` հայերս, կը գտնուինք այդ խրամատին առաջին գիծին վրայ:

Հետեւաբար մեր քաղաքական ամբողջ մեքենան` հայրենի պետութիւնը իր դիւանագիտական ցանցով ու հնարաւոր բոլոր միջոցներով, նաեւ սփիւռքեան քաղաքական բոլոր ուժերը` քաղաքական, քարոզչական եւ այլ «հրետանիներով», հրաւիրուած ենք օրը օրին հետեւելու եւ բացայայտելու թրքական անմարդկային դիտաւորութիւնները եւ հաշուետուութեան բերելու Անգարայի վարիչները:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել գրեթէ միայնակ ձայն բարձրացուց անցեալ շաբաթ, երբ թրքական ոճրային ու միջազգային օրէնքներ ոտնակոխելու համազօր ծրագիրները բացայայտ դարձան: Կարելի է մտածել, որ Մերքել նման համարձակ արտայայտութեամբ զգուշացման հրաւիրեց Թուրքիան, որովհետեւ անոր քաղաքական կեանքի օրերը հաշւըուած են եւ միջպետական յարաբերութիւնները այլեւս ուրիշներու չափ չեն կաշկանդեր զինք, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ Գերմանիա աւելի կանուխ ալ որդեգրած է Թուրքիան քննադատող կեցուածքներ, ան իր ուժերը հեռացուց Ինճիրլիքէն, իսկ աւելի քան երեք տասնամեակ առաջ խստիւ քննադատեց Թուրքիան, որ իրմէ գնուած հրասայլերով կը կործանէր Տէրսիմի գիւղերը: Ու Գերմանիոյ կառավարութիւնը տակաւին վերջնական ճանաչում չէ տուած Ցեղասպանութեան` հակառակ խորհրդարանին ու նախագահին ծանօթ կեցուածքներուն:

Հայաստանը պաշարման տակ պահող եւ իր պատմական ոճիրները ուրացող Թուրքիան պէտք է ամէ՛ն օր պահենք մեր քաղաքական, դիւանագիտական ու քարոզչական պայքարին օրակարգին վրայ: Այս ծիրին մէջ մամուլը ընդհանրապէս աշխուժ է, սակայն քաղաքական ու դիւանագիտական հետապնդումը անհրաժեշտ տարողութեամբ չի կատարուիր. Եւրոպական Միութեան դուռերուն առջեւ սպասող Թուրքիան կը մտահոգենք Եւրոպական խորհրդարանին մէջ մեր կարգ մը աշխատանքներով, որոշ յառաջխաղացքներ կ՛արձանագրենք կարգ մը պաշտօնատարներ կաշառած ըլլալու Ազրպէյճանի գայթակղութեանց դէմ, սակայն,  անդին, երբեմն մեղմ ձայներ ալ կը բարձրանան, թէ Հայաստան Թուրքիայէն պահանջներ չունի, բնական յարաբերութեանց էջը բանալու համար նախապայմաններ չունի. անդին` անհրաժեշտ տարողութեամբ քաղաքական ու դիւանագիտական ուժ չենք գործածեր այն գիծին վրայ, որ ցոյց կու տայ Ազրպէյճանի հակահայ, հակահայաստան ու հակաարցախ ընթացքին Թուրքիոյ անվերապահ աջակցութիւնը: Պարզ բառերով, Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի հանդէպ բարեմտութիւն խաղալու մեր ընթացքով կը յաջողինք միայն մենք մեզ… խաբել ու տուայտիլ կրաւորականութեան ոլորտներուն մէջ:

Դրացիներուն, ընդհանրապէս մարդկութեան դէմ Թուրքիոյ ոճրային ու անբարեխիղճ տրամադրութիւններուն բացայայտումը մեզի համար պիտի ըլլայ օրակարգի մնայուն հարց, եւ` ո՛չ միայն ապրիլ 24-ին սպասող շարժում կամ Էրտողանի թիկնապահներուն ծանօթ վայրագութեանց դէմ միայնակ հակադարձութիւն: Եւ ինչո՞ւ չանդրադառնալ, որ այս ճամբուն մէջ առանձին չենք. ունինք ճակատագրակից քիւրտերը, կիպրացիները, եզիտիներն ու մինչեւ իսկ արաբական աշխարհը, որուն «մթագնած» յիշողութեան մէջ պէտք է արթնցնել թրքական վնասակար վարմունքը` աւելի քան դար մը առաջ, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր. Սուրիոյ,  Իրաքի, մինչեւ իսկ Լիբանանի ու Եգիպտոսի (եւ այլուր) զարգացումները, Կիպրոսի կէսին գրաւուած մնալը եւ նման աղաղակող իրականութիւններ արդեօք բաւարար զինամթերք չե՞ն տրամադրեր այս իմաստով, որպէսզի համապատասխան յարաբերութիւններու ճամբով ուրուագծենք Թուրքիոյ դէմ «հայակեդրոն քոալիսիոն» մը: Իսկ առաջին յենարա՞նը. Հայաստանի քաղաքական ուժերուն միջեւ գործակցութիւնն ու Հայաստան-սփիւռք կամուրջին համար նոր սիւներու կառուցումը` անշուշտ, ապա նաեւ` յիշեալ երկիրներուն մէջ հայութեան ներկայութիւնն ու ստեղծած գործակցական կապերը:

Բնականաբար պիտի մտածուի, որ պէտք է իրատես ըլլալ, «ոտքերը գետնէն չկտրել», որովհետեւ քաղաքական ու ռազմավարական հազար ու մէկ գործօն կրնան ջլատել նման նախաձեռնութիւն. փաստեր կրնան շարուիլ, թէ, օրինակի համար, արաբական միասնութիւնը այսօր ինչպիսի տարտղնումի ենթակայ դարձած է ու մատնուած` անատամ դրութեան: Սակայն Թուրքիայէն վնասներ կրողներու «քոալիսիոն» մը կարելի է իրականացնել յստակ մարտավարութեամբ մը, որմէ կարելի է պտուղներ քաղել` օգտուելով մերքելեան ու այլ հաւանական ալիքներէ:

3 յունուար 2019

Անդրադարձ. Թզենիի Տերեւը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ ամերիկեան «Սի.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Թուրքիան խոստացաւ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացումէն ետք պաշտպանել Սուրիոյ քիւրտ զինեալները: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այդ երաշխիքը անձամբ ստացաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն»: Վերջինիս բանբեր Իպրահիմ Քալըն, սակայն, յայտարարեց, թէ Էրտողան այդպիսի խոստում մը չէ տուած: Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իր կարգին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ թուրք պաշտօնատարներ Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդատու Ճոն Պոլթընին յայտնած են, թէ Անգարա Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւն պիտի չշղթայազերծէ, այնքան ատեն որ ամերիկեան ուժերը այդտեղէն չեն հեռացած:

Այս երեք պնդումներէն առաջին երկուքը «կիսաճշմարտութիւններ» են, եւ միայն երրորդը կը թուի իրականութեան աւելի մօտ ըլլալ, որովհետեւ ինչպէս ծանօթ է, Անգարան Սուրիոյ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներն ու ՔԱԿ-ը կը նկատէ մէկ մետալին երկու երեսները, ուստի անտրամաբանական է, որ Թուրքիոյ մէջ «ահաբեկչական» կազմակերպութեան դէմ կռուի, իսկ Սուրիոյ մէջ պաշտպանէ զայն: Աւելի՛ն, քիւրտերը պաշտպանելու թրքական խոստում մը առանց այդ ալ անարժէք է, անոր կարելի չէ հաւատալ, որովհետեւ նոյնքան վստահելի է, որքան գայլի այն խոստումը, թէ պիտի չյօշոտէ գառնուկը, այլ պիտի պաշտպանէ զայն:

Ամերիկեան կողմը, բնականաբար, քաջ կը գիտակցի այդ իրողութեան, սակայն շրջանառութեան մէջ կը դնէ թրքական խոստումի մը մասին «կիսաճշմարտութիւնը»` հետագային այդ թզենիի տերեւով ծածկելու համար իր դաշնակիցները` քիւրտերը լքած ըլլալուն, անոնց կռնակէն դաշոյնի հարուած հասցուցած ըլլալուն ամօթը, եւ նուազեցնելու ատոր հետեւանքով իր վարկին հասնելիք անխուսափելի հարուածին ծանրութիւնը:

Ուաշինկթըն Փոմփէոյի յայտարարութեամբ ենթահող կը պատրաստէ թրքական զինուորական յարձակումի շղթայազերծումէն ետք քիւրտերու ողբերգութեան մեղքը բարդելու Անգարայի ուսերուն: Ամերիկեան կողմը հետագային պիտի կարենայ ըսել. «Մենք մեր դաշնակիցները չլքեցինք. անոնց պաշտպանութեան համար ամուր երաշխիք մը` թրքական խոստում ապահովեցինք, սակայն Թուրքիան իր խոստումը չկատարեց»: Այլ խօսքով` անվստահելին Միացեալ Նահանգները չեն, այլ` Թուրքիան: Ահա թէ ինչո՛ւ վերջինս անմիջապէս հերքեց քիւրտերը պաշտպանելու խոստում մը տուած ըլլալը, սակայն ի զուր, որովհետեւ Ուաշինկթընէն կանոնաւոր կերպով կը հնչեն Փոմփէոյի յայտարարութեան համահունչ յայտարարութիւններ «Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացումէն ետք իսկ քիւրտերը պաշտպանելու» եւ «Թուրքիայէն քիւրտերու պաշտպանութեան յստակ երաշխիքներ ստանալու» մտադրութեան մասին: Ատոնք աւելի «հաւաստի» կը դարձնեն ամերիկեան կողմի «կիսաճշմարտութիւն»-ը եւ աւելի յուսահատ` զայն հերքելու թրքական փորձերը:

 

 

 

 

2019-ը` Ուժեղ Լիբանանահայութեան Վերաթարմացում (Ա.)

$
0
0

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Փակուեցաւ 2018 տարին իր վերիվայրումներով` թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ լիբանանահայութեան քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, կենցաղային ոլորտներուն մէջ: Լիբանանահայ ազգային-հասարակական կեանքն ալ ունեցաւ իր դրական  դրսեւորումը թէ՛ ներքին, թէ՛ հայաստանեան օրակարգերով: Ամեակներ, կուսակցական, մշակութային, մամլոյ, մարզական, բարեսիրական, երիտասարդական, դպրոցական, համալսարանական թէ անհատական ձեռնարկներ ողողեցին ամբողջ տարին: Եկեղեցական-կրօնական ոլորտը եւս իր ներդրումը ունեցաւ ընդհանրական մեր կեանքի շարունակութեան գործին:

Գործը, որ կատարուեցաւ 2018-ին ընդհանրապէս դրական կարելի է որակել` առանց մտնելու մանրամասնութեանց մէջ: Բնական է, որ ըլլային խաչաձեւումներ, կրկնութիւններ, կազմակերպական բացթողումներ, երբեմն ձեռնարկին տարողութեան եւ կատարուող քարոզչութեան անհամեմատ արտայայտութիւններ կամ նոյնիսկ անորակ դրսեւորումներ:

Գործի յաջողութեան եւ գործի շարունակականութեան գլխաւոր թշնամին ինքնագոհութիւնն է: Փառաբանել կատարուածը, պանծացնել կատարողը, գոհանալ եղածով ու մանաւանդ չսորվիլ փորձառութենէն ու չձգտիլ աւելի լաւին, սիրամարգային հոգեբանութեամբ անփոխարինելիութեան հոգեվիճակ ապրիլ, կը քանդէ կատարուածը, կը սահմանափակէ նորին ու աւելի լաւին ձգտելու ճիգը, պատճառ կը դառնայ ձեռնածալութեան, կը խորացնէ անտարբերութիւնը, կը կաշկանդէ նախաձեռնութեան ոգին ու վերջապէս կը ճահճացնէ այն միջավայրը, ընկերութիւնը, որուն համար կը կատարուի գործը եւ որուն համար մեր ազգային, կրօնական, եկեղեցական, քաղաքական թէ հասարակական կեանքի պատասխանատուները, որոնք ինքնակամ կերպով ստանձնած են դերակատարութիւն, պարտին անցեալէն սորվելով տեսնել ներկան ու ապագային համար մշակել համապատասխան ծրագիրներ, պատրաստել մարդուժ, առանց ազգային ինքնութեան սկզբունքէն զիջումներու քայլ պահել արդիականութեան հետ ու ձգտիլ աւելի լաւին, գնայունէն անդին մնայունին, հիմնականին, անհատական յաջողութեան կողքին հաւաքական կեանքի բարելաւման:

Դիւրին պայմաններու մէջ չէ, որ Լիբանանի հայութիւնը կը դիմաւորէ 2019 տարին: Իրատեսութեամբ կարելի է հաստատել, որ Լիբանանի հայութեան ինքնութեան սպառնացող վտանգը կը շարունակէ իր ուժգնութիւնը, հայութեան քանակական, որակական, տնտեսական եւ մարդուժի կարելիութիւնները անհատնում չեն, իսկ մարտահրաւէրները ո՛չ միայն կը բազմանան իբրեւ թիւ, այլեւ միաժամանակ իբրեւ որակ:

Իրատեսութիւնը, բայց մանաւանդ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի ամրացման եւ Հայ դատի հետապնդման գործընթացին մէջ կարեւոր յենակէտ նկատուող Լիբանանի հայութեան գոյատեւումէն անդին զարգացման, յառաջդիմութեան, ուժահաւաքման անհրաժեշտութիւնը մեզ կը դնէ 2019-ը դիմաւորել յաւելեալ զգօնութեամբ, կարելիութիւններու եւ կարիքներու վերանայումով, կարողականութեանց վերարժեւորումով, ամրացման, ուժերու մէկտեղումի, յաւելեալ վատնումի դադրեցումի, նոր հորիզոններու փնտռտուքի հաւաքական պատասխանատուութեան դիմաց: Պատասխանատուութիւն, որ բոլորիս է, բոլոր մակարդակներու վրայ եւ Լիբանանի հայութեան բաղկացուցիչ բոլոր տարրերուն, միաւորներուն, յարանուանական թէ ազգային-հասարակական կեանքի դերակատարներուն:

Այլ խօսքով` 2019-ը պէտք է ըլլայ իրականութենէ եւ առարկայական կարիքներէ մեկնած հաւաքական ճիգով նոր ծրագրումներ կատարելու, գործնական իրագործումներ կայացնելու տարի:

2019 տարին Լիբանանի հայութեան համար պէտք է ըլլայ յոյսերու ներշնչման տարի, սովորականէն ու ընթացիկէն, ձեռնարկներէ եւ առիթներու նշումներէ անդին գալիք տասնամեակներուն համար լուրջ ծրագրումի տարի, որ ապահովէ հայութեան պահպանումը, հայ քաղաքացիներու կարիքներու գոհացումը, երիտասարդութեան ակնկալութեանց իրականացումը եւ ուժեղ լիբանանահայութեան վերաթարմացումը:

 

 

Viewing all 12135 articles
Browse latest View live