Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12115 articles
Browse latest View live

Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Միջազգային Օրուան Առիթով Նկարներու Ցուցադրութիւն Եւ Քաղաքական Ձեռնարկ` Ռոտոս Կղզիին Մէջ

$
0
0

ՄԱԿ-ի համաշխարհային օրացոյցին վրայ 9 դեկտեմբերի նշումը` որպէս Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման միջազգային օր, ընդունուած է աշխարհի մէջ: Թուականը պատահական չէ, այլ կը խորհրդանշէ 1948-ի դեկտեմբերի 9-ը, որ ՄԱԿ-ի համաձայնագիրի հիմամբ, Ցեղասպանութիւններու յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի որոշումի ընդունման օրն է` Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ ցեղասպանութիւն բառեզրի իրաւական բնութագրումով:

Այս առիթով Յունաստանի Երկոտասնեան կղզախումբի Ռոտոս կղզիին մէջ իւրայատուկ նախաձեռնութիւն մը տեղի ունեցաւ` հովանաւորութեամբ Յունաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Ռոտոսի քաղաքապետութեան ու գործակցութեամբ` ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին, Համազգայինի Ռոտոսի «Տիգրան Երկաթ» մասնաճիւղին, Ռոտոսի կիպրացիներուն եւ Ռոտոսի պոնտական «Տիղենիս Աքրիթաս» միութիւններուն:

Կիրակի, 16 դեկտեմբերի առաւօտեան, «Էվանկելիսթրիա» մայր տաճարին մէջ, Ռոտոսի մետրոպոլիտի հանդիսապետութեամբ, հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ` հայոց եւ յունաց ցեղասպանութիւններու, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի մէջ թրքական ներխուժման ու գրաւման պատճառով զոհուած անմեղ հոգիներու յիշատակին: Ներկայ եղան` հարաւային Եգէականի փոխմարզպետը, Ռոտոսի քաղաքապետ Ֆոթիս Խածիտիաքոսը, ծովային, ցամաքային եւ օդային զինուած ուժերու զինուորականներ, ոստիկանական ուժերու պետը: Ներկայ էին նաեւ` Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան մշակութային հարցերու պատասխանատու Պաւել Բժիկեանը, Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը, Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Յուլիանա Մանուկեանը եւ Ռոտոսի Համազգայինի «Տիգրան Երկաթ» մասնաճիւղի ատենապետ Վասիլիս Վասիլիու-Պարտիզպանեանը եւ անդամները:

Յաջորդեց «Հայրենիքի համար զոհուածներ»-ու յուշարձանին առջեւ դափնեպսակներու զետեղում, ուր հայութեան անունով դափնեպսակ զետեղեց Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Խաչիկ Խաչատուրեանը:

Նկարներու Ցուցադրութիւն

Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ռոտոսի հին բերդաքաղաքին մէջ գտնուող «Սպանական մշակոյթի տան» դահլիճին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայոց եւ յունաց ցեղասպանութեանց նիւթով նկարներու ցուցադրութեան: Պատմական այս գեղեցիկ վայրին մէջ մէկ շաբթուան վրայ երկարող ցուցադրութիւնը շրջանի ժողովուրդին համար առիթ պիտի հանդիսանայ իրազեկ դառնալու ցեղասպանութեան պատմական փաստին ու քննելու հետեւանքները եւ քաղաքական հետեւութիւնները: Յատուկ աշխատանք տարուած է, որպէսզի մինչեւ 21 դեկտեմբեր դասաւորուի այցը Ռոտոսի դպրոցական աշակերտական խումբերուն, որոնք տեղւոյն վրայ տեղեկութիւններ պիտի ստանան եւ պիտի դիտեն Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով վաւերագրական լուսանկարներու հաւաքածոն, հայկական աւանդական տարազները, հայկական խաչքարերու նկարներ եւ այլն:

Քաղաքական Ձեռնարկ

Հայկական եւ պոնտական ցեղասպանութեանց ուրացման Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը, ճշմարտութենէն խուսափելու անոր շարունակական ճիգը անհանդուրժելի են միջազգային մարդկութեան կողմէ: Նոյն դահիճին դէմ երեք ժողովուրդներու ազգային դատերուն ու պահանջատիրութեան վերաբերող եւ միացեալ ջանքերով յաջողած այս ձեռնարկը ցոյց կու տայ, որ հայերու եւ պոնտոսցիներու ցեղասպանութիւններու ճանաչման անհրաժեշտութիւնը, մարդկային իրաւանց յարգումը համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող հարցեր են:

Այս իրականութիւնը մատնանշող խօսքերով հանդէս եկան` Կիպրոսի եւրոերեսփոխան Էլենի Թէոխարուսը, լրագրող Սաւաս Գալենտերիտիսը եւ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Հռիփսիմէ Յարութիւնեանը: Համադրումը կատարեց Ռոտոսի կիպրացիներու միութեան նախագահ Եորղոս Սիմէոնիտիսը:

Հրաւիրեալ երկու ականաւոր անձնաւորութիւնները` հայութեան արդար պայքարներու քաջարի պաշտպան Էլենի Թէոխարուսը եւ յայտնի լրագրող ու հետազօտող Սաւաս Քալենտերիտիսը, անդրադարձ կատարեցին հայութեան փորձառութեան, որ իր շարունակական պայքարներուն ընդմէջէն յաջողեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը հասցնել բարձրագոյն մակարդակի: Մօտ երկու ժամ տեւած ձեռնարկին ընթացքին երեք զեկուցաբերները ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեցին եւ շեշտը դրին պայքարը շարունակելու եւ արդարութիւնը հետապնդելու միացեալ ճիգին վրայ:


Անդրադարձ Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ Խորհրդարանական Առաջին Ընտրութիւնը` 21 Յունիս 1919-ին

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին խորհրդարանը նշանակուեցաւ Հայոց ազգային խորհուրդին կողմէ, եւ անոր անդրանիկ նիստը տեղի ունեցաւ 1 օգոստոս 1918-ին: Այնուհետեւ նախապատրաստական աշխատանքներ կատարուեցան, ընտրական օրէնք մշակուեցաւ 21 յունիս 1919-ին պատմութեան մէջ առաջին ժողովրդային ընտրութիւններ կատարելու համար: Ստորեւ «Զանգ» թերթի 2 ապրիլ 1919-ի խմբագրականը` «Ընտրական օրէնքը» խորագիրով, արեւմտահայերէնի վերածուած:

«Հայաստանի խորհրդարանը, որ առժամեայ հիմնարկութիւն էր, իր վերջին նիստերուն խորհրդարանի կազմութեան մասին ընտրական օրէնքը (մշակեց), քուէարկեց եւ ընդունեց: Միաժամանակ ընտրութեան թուականը 21 յունիս 1919 որոշեց եւ ընկ. Ս. Խաչատրեանը ընտրական յանձնաժողովի նախագահ նշանակեց: Եթէ արտաքին ձախորդ պատահարներ տեղի չունենան եւ չխանգարեն մեր հանրապետութեան կեանքին կանոնաւոր ընթացքը, երեք ամիս ետք մենք նոր խորհրդարան կ՛ունենանք` ժողովուրդին քուէներով կազմուած, անոր վստահութեան արժանացած, լիազօրուած անոր անունով խօսելու եւ անոր համար օրէնքներ սահմանելու: Այս օրէնքին քուէարկութիւնը մեծագոյն գործն է, որ Հայաստանի խորհրդարանը իր ութամսեայ գոյութեան ընթացքին կատարած է, ամէնէն աւելի մնայուն աշխատանքը, որ ան իրագործեց, կրնանք ըսել` ոչ ինքնաբերաբար, այլ` ժողովուրդին բուռն փափաքին ընդառաջելով:

«Կուսակցական եւ հանրային գործունէութեան մէկ նոր ասպարէզ կը բացուի. աշխատանք մը պիտի սկսի, որ երեք ամիս մեր բոլոր ընկերներուն եւ հանրութեան ուշադրութիւնը պիտի գամէ: Մեր երկրի բոլոր մտաւորական կազմակերպ հոսանքները փորձարկութեան պիտի ենթարկուին: Ժողովուրդին լայն զանգուածները պէտք է իրենց հաւանութիւնը կամ թէ պարսաւը յայտնեն ցարդ գործող մեր ղեկավարներուն եւ անոնց ընթացքին, հանրային եւ քաղաքական գործունէութեան: Դաշնակցութիւնը իբրեւ հայ կեանքի ղեկավար կուսակցութիւն` անգամ մը եւս հանդէս պիտի գայ ստուգելու հայ ժողովուրդին այն վստահութիւնը, որ ունէր անցեալին, կը վայելէ նաեւ այսօր, եւ համոզուած ենք, որ այս անգամ եւս կը ստանայ:

«Իր դարաւոր պատմութեան մէջ առաջին դէպքն է, որ հայ ժողովուրդը հանդէս պիտի գայ իր քաղաքական կեանքը վարելու եւ իր վիճակը տնօրինելու` ընտրելով մարդիկ, այնպիսի ժողովրդավար կարգով եւ այնքան ազատ, որուն նմանը բնաւ չէ տեսած ո՛չ իր հայրենի իշխանութեան ժամանակ եւ ո՛չ օտար տիրապետութեան օրով: Այս ընտրութիւնները պատմական են եւ չափազանց բախտորոշ` մեր քաղաքական կացութեան համար: Արդեօք կ՛ունենա՞նք ազատ, միացեալ եւ

«Զանգ»-ի 2 ապրիլ 1919-ի խմբագրականը

ապահով Հայաստան, կախեալ է, թէ մեր պետական կեանքը ո՛վ պիտի ղեկավարէ, թէ որո՞նք անոր համար օրէնքներ պիտի մշակեն, որո՞նք եւ ի՞նչ պիտի խօսին իր անունով հեռաւոր եւ մերձաւոր պետութիւններուն հետ, որո՞նք անոր բոլոր ներքին գործերուն ընթացք պիտի տան:

«Յեղափոխութիւնը ռուս թագաւորն ու անոր բռնակալ իշխանութիւնը  վերցուց: Նոյն յեղափոխութեան պատճառով հայոց կաթողիկոսը դադրած է եւ չի կրնար, եթէ նոյնիսկ կամենայ, հայ ժողովուրդին անունով խօսիլ եւ հայութիւնը պաշտօնապէս ներկայացնել: Ժողովուրդը ինքն իր տէրն ու տնօրէնն է եւ ազգային ու դասակարգային գործերուն լաւ ու վատ ընթացքը իրմէ կախեալ է: Ժողովուրդը իր ընտրած եւ խորհրդարան ուղարկած երեսփոխաններուն միջոցով ամէն բան կրնայ ընել: Եթէ կարողանայ հաւատարիմ, աշխատասէր եւ ազնիւ մարդիկ ընտրել եւ խորհրդարան ուղարկել, կրնայ վստահ ըլլալ, որ կ՛ունենայ ժողովրդասէր կառավարութիւն եւ օրէնսդրութիւն: Իսկ եթէ չգիտցաւ իր լաւն ու վատը, գործողին եւ պոռոտախօսին միջեւ զանազանել, փորձուածը պատահականէն զանազանել, այն ատեն, լաւ օրերու փոխարէն, որոնք կը մօտենան, ան աւելի ծանր ու վատթար օրեր կը տեսնէ:

«Ամէն գիւղացի, ամէն բանուոր, ամէն մտաւորական պէտք է լաւ հասկնայ, թէ ի՛նչ ժամանակ կ՛ապրինք, այսօրուան կացութիւնը երկրին մէջ թէ դուրսը` աշխարհին մէջ մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ, մեր կեանքին հերթական խնդիրները որո՞նք են, որ պէտք է լուծել, որո՞նք են մեր ժողովուրդին հիմնական շահերը, որ պէտք է պաշտպանել, եւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն իր ձայնը պէտք է տայ այն մարդոց, որոնք կարողութիւնը ունին բոլորէն աւելի լաւ հասկնալու իրավիճակը, այդ կացութիւնը ըմբռնելու, այդ խնդիրները լուծելու եւ այդ շահերը պաշտպանելու:

«Ցարդ, տասնեակ տարիներ արիւն-քրտինք թափելով հայ ժողովուրդը Դաշնակցութեան ղեկավարութեամբ, կռուելով ներսի եւ դուրսի թշնամիներուն դէմ, եկած ու հասած է վերջնական ազատութեան շեմին. ժողովուրդը իր ղեկավարը չի լքեր, այնպէս` ինչպէս ղեկավարը (չի լքեր) իր ժողովուրդը, եւ երկուքը միասին կը մտնեն ազատութեան փառահեղ սրահը` ազգերու ազատութեան մեծ տօնին, այնպէս` ինչպէս բռնութեան ձեռքին տակ միասին տառապեցան:

«Նոր ընտրութիւնները մեր բարեկամին ու թշնամիին այդ ցոյց պիտի տան. եւ ամէնուրեք ցրուած ընկերները պէտք է ջանան, որ ընտրութիւնները այլ բան ցոյց չտան»:

Այս խմբագրականը այժմէական տարողութիւն ունի, այժմու խորհրդարանական ընտրութիւններուն առիթով, յատկապէս` «Իսկ եթէ չգիտցաւ իր լաւն ու վատը, գործողին եւ պոռոտախօսին միջեւ զանազանել, փորձուածը պատահականէն զանազանել, այն ատեն, լաւ օրերու փոխարէն, որոնք կը մօտենան, ան աւելի ծանր ու վատթար օրեր կը տեսնէ»: «Ամէն գիւղացի, ամէն բանուոր, ամէն մտաւորական պէտք է լաւ հասկնայ, թէ ի՛նչ ժամանակ կ՛ապրինք, այսօրուան կացութիւնը, երկրին մէջ թէ դուրսը, աշխարհին մէջ մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ, մեր կեանքին հերթական խնդիրները որո՞նք են, որ պէտք է լուծել, որո՞նք են մեր ժողովուրդին հիմնական շահերը, որ պէտք է պաշտպանել, եւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն իր ձայնը պէտք է տայ այն մարդոց, որոնք կարողութիւնը ունին բոլորէն աւելի լաւ հասկնալու իրավիճակը, այդ կացութիւնը ըմբռնելու, այդ խնդիրները լուծելու եւ այդ շահերը պաշտպանելու»:

6 դեկտեմբեր 2018

(1) «Զանգ» Գ. տարի, թիւ 37, 2 ապրիլ 1919, Երեւան, Ներքին գործոց նախարարութեան տպարան, 2-րդ էջ, խմբագիր` Նիկոլ Աղբալեան:

Գրողի Անկիւն. Վաղը Ամանոր Է…

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Վաղը ամանոր է:

Ի՜նչ մեծ ուրախութիւն էր եւ միաժամանակ ի՜նչ ցնծութիւն` բոլորիս համար, այդ օրերուն, մեր մանկութեան եւ նոյնիսկ վաղ երիտասարդութեան տարիներուն, քարքարուտ ու երբեմն կիսաքանդ,  ցեխոտ փողոցներով ու մայթերով մեր ծննդավայր պատմական քաղաքին մէջ:

Անկախ մեր տան Կաղանդի գիշերուան յատուկ համեստ սեղանի պատրաստութեան հեւքէն, մեր մէջ կար նաեւ այն անտեսանելի, բայց միաժամանակ գեղեցիկ ուրուականը, որուն վաղը Նոր տարի պիտի անուանէինք:

Մեզի համար տարբեր հանգամանք ունէր ա՛յդ նոր վաղը: Այլ խօսքով, սանկ` իր մէջ ինքզինք պարտադրողի եւ անպայմանօրէն յարգանքի եւ ակնածանքի արժանի դրսեւորումի մը տեսքով ներկայացող աւանդութիւն մը: Պարզ գաղափար մը չէր, ոչ ալ` յաջորդ քսանչորս ժամերու նոր օր մը, այլ` հոգի ու սիրտ լեցնող ու մարդոց մտքերուն վրայ տարբեր ջերմութիւն բուրող «բան» մը, որուն մեր քաղաքին հետ կառչած էր նաեւ ամբողջ աշխարհը:

Վաղը Ամանոր է:

Կարճ նախադասութիւն մը, որ սակայն իր մէջ խտացուած կը պահէր որոշ շրջանի մը կեանքին ու անոր հետ ագուցուած հաւատքին ամբողջ տեսութիւնը: Յարգանքի տուրքով, մտահոգութեամբ եւ զանազան այլ զգացումներով շրջանակուած ու արեւելեան բազմազան նախապաշարումներուն մէջ թաթխուած եւ մանաւանդ հայկական աւանդութեան միւռոնով օծուած օր մըն էր այդ վաղը, որ մարդոց նոր յոյսերու ճառագայթման մը ազդակը ըլլալէ աւելի` է՛ր նաեւ անոնց շրթներէն կախուած մաղթանքներու եւ աղօթք-օրհներգերու հիւսք մը:

Ու վաղը Նոր տարի է:

Ամէնէն առաջ այդ նորը, իր անորոշութեան կողքին, իր մէջ կը բնորոշէր նաեւ` օրհնութիւն, աւետաբեր նոր խորհուրդ, նոր եւ աննախընթաց ներկայութիւն: Այսպէս էր մեր քաղաքի այս օրը: Կար ժամանակ, երբ հոն մարդիկ տոկուն էին իրենց հաւատքին մէջ, խոնարհ` իրենց ծառայութեան մէջ եւ ուղղամիտ` իրենց կեցուածքով:

Այսպէս դասաւորած էին մեր մեծերը մեր մտքերուն մէջ, եւ ասոր համար է, որ այսօր «այդ» կը փնտռենք: Պարզ կարօտի մը ծնունդը չէին այս փնտռտուքի պատճառները, այլ այդ օրերու մեր կեանքի անբաժան մասնիկներու ներկայութեան պակասն է, որ այս տագնապալի վիճակին կը մատնէ մեզ: Ու այսօր հասած է ժամը, որ նորէն ըսենք` վաղը Ամանոր է:

Բայց այս օրերուն, որո՞ւ հոգը: Ո՞վ է ա՛յս օրուան, այս գեղեցիկ կեանքը իմաստաւորող եւ նոր քսանչորս ժամերու հաւատք ընծայողը: Բայց ինչո՞ւ յանկարծ այս գլխիվայր փոփոխութիւնը: Չէ՞ որ անհամբեր «զինք» կը սպասենք:

Պատասխանը յստակօրէն գիտենք բոլորս ալ: Որովհետեւ, վերջին հաշուով, այդ պատասխանը հարազատ ծնունդն է մեր ներկայի ապրած մթնոլորտին ու անկէ թելադրուած միտումներուն:

Արդ, ընդունինք կամ ոչ, մեր կեանքը եւ կամ մեր ապրած այս դարը այլեւս դարձած է ուրիշ տեսակ: Որովհետեւ մարդիկ իրենց նոր ծրագրումներով, մտայղացումներով եւ գիւտերու նորութիւններով կեանքը վերածած են աւելի բարդ, անօրինակ եւ նոյնքան ալ` նիւթական: Որովհետեւ կեանքը եւ ամէն տեղ դարձած է առեւտրական հիմքեր ունեցող ու տնտեսական փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած, շաղախուած տեսակ մը քաոս: Յարգանք, սէր կորսուած են արդէն եւ դարձած` փշրանք, նոյնիսկ` ցնորք: Նիւթականացած կեանք: Բարոյականութեան մասին խօսիլն իսկ աւելորդ է, եւ ատոր համար է, որ յանկարծ երբ կ՛անդրադառնանք, որ վաղը Նոր տարի է, մեր մտքերուն  ու հոգիներուն ոչ մէկ բան կ՛աւետուի, այլ ընդհակառա՛կն, նոր վախի մը, նոր հարցականի մը ծնունդ կու տայ:

Անդրադառնանք: Ո՞ւր ենք այսօր եւ մեր օրերու հեւքով ո՞ւր կ՛երթանք:

Այս հարցականին իբրեւ պատասխան` մենք մեզի կրնանք հաստատօրէն հաւաստիացնել, որ բացակայ «բան» մը կայ մեր շուրջը: Ու այդ բացական թերեւս հաւատքն է կամ յոյսը: Իսկ շատերուն մօտ` Աստուած: Ըսի, չէ՞, «բան» մը բացակայ է մեր շուրջը: Արդէն կը նշմարենք, որ ամէն ինչ իր գոյնը փոխած է:

Բայց յիշեմ. վաղը Նոր տարի է:

Ահա, թէ ինչո՛ւ այս վաղը իր նախկին աւանդական շեշտն ու հրապոյրը կորսնցուցած կը թուի: Ու երբ անզգալաբար կը յիշենք, նոյն այդ վաղը դիմաւորելու տարիներ առաջ մեր նախկին այն խորհրդաւոր պահը, յանկարծ մեր խոնաւցող աչքերէն հետզհետէ գաղտնօրէն արցունքի կաթիլներ կը սկսին ծորիլ անզգալաբար: Երանելի պահ:

Գաղտնիք մը չէ, որ այս օրերուն, հաճոյքի փնտռտուքի կողքին եւ, աւելի՛ն, մարդոց հոգիներն ալ պարպուած ըլլալ կը թուին, եւ ատոր համար է, որ ապերջանիկ դարձած են: Այնպէս կ՛երեւի, որ մարդոց համար միայն կեղեւն է կարեւորը, կորիզը, միջուկը փնտռող չկայ: Սէր, յարգանք, ընտանեկան կենցաղ եւ սրբութիւն կորսնցուցած են իրենց բուն իմաստները, ու անոնց տեղ նկարագրի յոռեգոյն գիծեր եկած են մարդուս օրը լեցնելու:

Հապա՞ մենք: Մենք ալ, մեր  կարգին, իբրեւ այս երկրագունդի վրայ ապրող ու շնչող մարդ անհատ, իբրեւ ժողովուրդ եւ ազգ, այնպէս կ՛երեւի, որ մենք ալ կորսնցուցած ենք մեր տոհմային ժառանգութեան գիծերը: Մոռցած ենք ամէն «բան»: Այսպէս, յաճախ կը տառապինք մթնոլորտի պակասէն եւ մանաւանդ` մթնոլորտ ստեղծելու ընդունակ տարրերու սակաւութենէն: Նաեւ կարծես չունինք այն տիպարները, որոնք ժամանակին մեծ յանձնառութիւններու տակ մտան ու հոսող ժամանակին դէմ թիավարեցին հոսանքն ի վեր, բոլորովի՛ն աննպաստ պայմաններու տակ, երբեմն նոյնիսկ արիւնոտ յաճախանքներով յղի միջավայրերու մէջ` ուժ ունենալով միայն ներքին հաւատքը, ազգային պատկանելիութեան հուրը եւ անսակարկ ծառայելու տենդն ու նախանձախնդրութիւնը:

Դրամատիրական լայնատարած մեր ապրած այս երկրին մէջ, մեր կենցաղը, առաւել` ազգային հարցերու նկատմամբ մեր բծախնդրութիւնն ու կրաւորական կամ անտարբեր մեր կեցուածքը, յաճախ մեզ հասցուցած են անտեսանելի վտանգի մը դրան սեմին: Հաւատացէ՛ք, ո՛չ ոք մեզ փրկելու կոչուած է: Այդ պատճառով ամէն բան կախեալ է մեզմէ, մեր գործելու եղանակէն, մեր երիտասարդ եւ մտաւորական ուժերու ներդրումէն, մեր նիւթաբարոյական նուիրումէն, մեր միասնութենէն եւ աշխուժութենէն, մեր արթնամտութենէն եւ, յատկապէս, այս առիթով ծրագրուած աշխատանքներուն վրայ մեր ունեցած հաւատքի տարողութենէն: Օտարամուտ բարքերու ներխուժումի այս օրերուն որքա՜ն կարիքը ունինք արժէքներու, որոնք մեր նոր սերունդին կը  ծանօթացնեն հայ մարդու աւանդական դիմագիծին դրական կողմերը:

Բայց, անկախ այս բոլորէն, վաղը Ամանոր է:

Ժամանակն է, որ ունենանք ապագայակերտ կեցուածք մը` մեր ազգային եւ քաղաքական գոյներով: Ստիպուած ենք այս օրուան յատուկ նոր պահանջներով, լայնամտօրէն եւ արդար ծրագրել եւ գործել` ազգային գերագոյն շահերէն մեկնած:

Արդեօ՞ք կարելի չէ այս նոր վաղուան նախօրեակին մեր նախկին վաղը յիշեցնող նկարագրով, կենցաղով, հաւատքով ու յոյսով անգամ մը եւս ջերմացնել մեր սառած մտքերն ու հոգիները:

Անշո՛ւշտ կարելի է, եթէ իսկապէս կը ցանկանք, որ այդ վաղը` իբրեւ նոր պատգամի ուժ, նաե՛ւ թարմ ձգտում մը ըլլայ բոլորիս համար:

Բայց եւ այնպէս, վաղը Ամանոր է: Բարի՛ Կաղանդ:

 

 

Սրտի Երկու Խօսք` Դաշնակցական Լուռ Ընկերոջ Մը Մասին (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

$
0
0

Մեր կեանքին մէջ  կան մարդիկ, որոնք բնաւ չեն գործեր, բայց կը խօսին այնպէս, որ իրենք ստեղծած են կուսակցութիւնը, միութիւնը կամ, ինչու չէ, նոյնիսկ հայ ազգը:

Կան ուրիշներ, որոնք գործը կը կատարեն, երբեմն գլխագիր գործը, ու ո՛չ կը խօսին եւ ո՛չ ալ կը զգացնեն, որ այդ գործը կատարողները իրենք էին:

Այս երկրորդ տարբերակին կը պատկանէր  քառասուն օրեր առաջ հողին յանձնուած, «Սարդարապատ» շրջանի ընկերներէն Սագօ Ազատեանը:

Ծնած էր 1950-ին եւ ամբողջ կեանք մը ապրած, տագնապած եւ ուրախացած էր Պուրճ Համուտով: Գործը հիմնած էր Պուրճ Համուտի մէջ, ամուսնացած եւ հայր էր երեք զաւակներու, որոնց տուած էր հայութեամբ տագնապելու դաստիարակութիւնը եւ գաղափարաբանութիւնը:

Կը պատկանէր շարքին այն տղոց, որոնք Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դաժան օրերուն զինուորագրուեցան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն` անդամակցելով «Կայծակ» շրջանի (Մարաշ փողոց) պահակակեդրոնին, որ պատնէշի վրայ մնաց մինչեւ դէպքերու աւարտը:

Իր կեանքին մէջ ոչ մէկ բան փոխուեցաւ պատերազմէն ետք ալ, ինչպէս կը գործէր իբրեւ թաղեցի զինուոր, նոյնպէս ալ գործեց իբրեւ համեստ դաշնակցական, բայց այս անգամ աւելի ծանր պարտականութիւն ստանձնած զինուոր:

Կը հաւատար գործին, առանց խտրութիւն դնելու մեծ թէ փոքր աշխատանքներուն միջեւ: Կը հասնէր թաղեցիներու բոլոր կարիքներուն եւ երբեմն անոնց հարցերը բերելով կոմիտէութեան, կը վիճէր, կը հետապնդէր մինչեւ անոնց լուծումը: Կարծես իր անձնական հարցը ըլլար:

Անոր համար ալ մինչեւ իր մահը, հակառակ իրերայաջորդ բոլոր կոմիտէներուն, զինք նշանակեցին այդ շրջանի պատասխանատու: Մնայուն հսկիչի պարտականութեան իրաւասութիւնը տրուած էր անոր: Թաղեցիներն ալ զինք կը յարգէին իբրեւ «Սարդարապատ»-ի ընկեր Սագոն  եւ կը դիմէին իրեն իրար միջեւ եղած որեւէ անհամաձայնութեան պարագային, որովհետեւ անձերը քով-քովի բերելով հաշտարարի դերակատարութիւն կը կատարէր ան:

Ընկեր Սագօ գործած է նաեւ  մեր ազգային եւ եկեղեցական կեանքին մէջ: Աստուածավախ եւ եկեղեցասէր անձնաւորութիւն մըն էր: Իբրեւ արտայայտութիւն այդ բոլորին, անկախ իր յաճախակի եկեղեցի այցելութենէն, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ իրերայաջորդ բոլոր թաղականութիւնները զինք նշանակած են իբրեւ թաղեցի ազգային մարդ, երբ կարիքը զգացուած է ընտրական աշխատանքի, թաղականութեան կամ Ազգային երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Ինք այդ գործը կատարած է բծախնդրօրէն եւ գիտակցօրէն` այն խոր համոզումով, որ կատարածը ազգային պարտականութիւն է եւ եկեղեցւոյ ծառայութիւն:

Հիմա, որ արդէն քառասուն օրեր անցած են իր բացակայութենէն, ամէն օր մենք կը զգանք այսպիսի մարդոց կորուստին ծանրութիւնը: Յանուն «Սարդարապատ» կոմիտէութեան ընկերական կազմին եւ Մարաշ թաղի բնակչութեան, կը մնայ ըսել` վարձքդ կատար, սիրելի՛ անխօս ընկեր Սագօ: Դուն գացիր միանալու այն ընկերներուն, որոնք առանց աղմուկի եւ յոխորտանքի եկան ու գործեցին յանուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, յանուն Պուրճ Համուտի ժողովուրդին պաշտպանութեան եւ ազգային գործի յաջողութեան:

Հանգիստ ննջէ, խունկ եւ մոմ քու շիրիմիդ:

ՍԳԱԿԻՐ ԸՆԿԵՐ ՄԸ

 

«Ազդակ»-ի Նաւատորմիղը Կը Դիմադրէ Բոլոր Փոթորիկներուն` Յարձակողական Ռազմավարութեամբ

$
0
0

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Տարին արդէն իր վերջին օրերը կ՛ապրի: Ամէն մարդ զբաղած է տօնական օրերու նախապատրաստական աշխատանքներով: Տօնական օրերու շունչը զգալի է ամէն կողմ:

Հայկական եւ մանաւանդ դաշնակցական աւանդութիւն է, սակայն, տարեվերջին անդրադառնալ տարուան գլխաւոր անցուդարձերուն` հաշիւ ներկայացնելով ժողովուրդին:

Մուսալեռցիներուն մէջ շատ տարածուած ասոյթ մը կայ` «Շիւտ բանուղէն, քէչ շապաք» (Շատ աշխատողին` քիչ շապիկ), որ ցոյց կու տայ ընդհանուր միտում մը, որ սովորական է մարդոց քով: Այսինքն շատ աշխատողներ շատ անգամ  կը մոռցուին…

Ընդհանրապէս մեր ժողովուրդը աւելի կը քննադատէ, քան կը գնահատէ. հաւանաբար  մեր ծիներուն մէջ կայ այդ յատկութիւնը…

Այս նշմարով ես կ՛ուզեմ անդրադառնալ «Ազդակ»-ին` փորձելով գնահատել այն աշխատանքը, որ թերթի աշխատակազմը կը տանի վերջին տարիներուն:

Եթէ սփիւռքահայութիւնը ծով է` ցրուած ըլլալով աշխարհով մէկ, ապա ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Ազդակ»-ը այդ ծովուն վրայ նաւարկող նաւ մըն  է, որ կը  թիավարէ հոսանքին դէմ` հիմնական առաքելութիւն  ունենալով օրաթերթի անխափան հրատարակութիւնը եւ, մանաւանդ, մամուլի միջոցով կենդանի պահել հայու հոգին, մանաւանդ`   իր հողէն կտրուած հայութեան համար:

«Ազդակ»-ը, սակայն, դարձած է նաւատորմիղ. շատոնց անցած են այն ժամանակները, երբ թերթին անձնակազմը կը զբաղէր օրաթերթի հրատարակութեամբ միայն:

Վերջին տասնամեակին, քայլ առ քայլ «Ազդակ»-ը դուրս եկաւ իր օրաթերթի սահմաններէն:

«Ազդակ»-ի անձնակազմը դարձաւ բանակ մը (44 հոգինոց), որ լծուեցաւ օրըստօրէ աւելի ծաւալուն աշխատանքի եւ դարձաւ արդարօրէն նաւատորմիղ մը` որդեգրելով լաւագոյն պաշտպանողական  ռազմավարութիւնը, յարձակում գործելով տարբեր բնագաւառներու վրայ:

Օրաթերթի ամէնօրեայ եւ սպառիչ աշխատանքներու կողքին (Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ ըլլալով հանդերձ, դարձաւ գաղութին թերթը` տեղ տալով բոլորին անխտիր), «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը  ընդարձակեց իր աշխատանքներու ծիրը.  «Պզտիկ Մզտիկ», «Անսխալ գրենք», բացառիկներու հրատարակութիւն, արխիւներու թուայնացում, մամլոյ լսարաններու շարք, «Ազդակ»-ը համացանցի վրայ, «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքէջ, արագ լրահոս, գաղափարական յաւելուած, երիտասարդ մարդուժի պատրաստութիւն, տարբեր առիթներով յաւելուածներ, գունաւոր թիւեր եւ տակաւին:

Միայն աշխատասէր, ծառայութեան եւ հայրենասիրութեան բարձր ոգիով գործող, իրենց առաքելութեան հաւատացող խմբագիրներ եւ աշխատակիցներ կրնան օրաթերթ-նաւը  նաւատորմիղի վերածել եւ իրագործել աշխատանք մը, որ ուրիշ երկիրներու մէջ  ամբողջ  նախարարութեան մը պաշտօնէութեան կը վստահուի…

Այո՛, «Ազդակ»-ը  յաջողած է: Ան արժանի է բոլորիս յարգանքին ու գնահատանքին: Լիբանանահայ գաղութը մասնաւորապէս, որ կը վայելէ «Ազդակ»-ի բարիքները, պարտաւոր է  թեւ ու թիկունք ըլլալ այս թերթին, որ կը  շարունակէ իր աշխատանքները` առանց յուսահատելու եւ միշտ աւելին հրամցնելով իր ընթերցողներուն:

Այս շաբթուան «Ազդակ»-ի խմբագրականները, որոնք կ՛անդրադառնան «Ազդակ»-ի յաջողութիւններուն եւ բացթողումներուն, բաւարար ապացոյց են կենդանի, ազնիւ, հետեւողական, քննադատական մտքով առաջնորդուող  օրաթերթի մը, որ շատ աւելին է, քան` սոսկական օրաթերթ մը:

Վերջին խմբագրականին մէջ կը կարդանք.  «Նախորդ եւ այս խմբագրականներով ներկայացուեցան աշխատանքներ, դժուարութիւններ, թերի կէտեր, բայց նաեւ` գործադրելի ծրագիրներ: Անդարձ է «Ազդակ»-ի ուղին, օրաթերթին առընթեր` յաւելուածներ, բացառիկներ հրատարակելու, լսարաններ կազմակերպելու, ելեկտրոնային նոր տարածքներ ապահովելու, երիտասարդ մարդուժ պատրաստելու, մանկապատանեկան խաւին ուղղութեամբ յատուկ ծրագիրներ իրականացնելու, մամուլի տարբեր համախմբումներու աշխուժ ներկայութիւն ըլլալու, յօդուածաշարքերը գիրքի տեսքով հրատարակելու եւ թերթ-ընթերցող կապը աւելի անմիջական դարձնելու: Կը գիտակցինք, որ բազմաբաժանմունքային այս գործելադաշտի կայացման ու զարգացման համար «Ազդակ» պէտք է շարունակէ Սեն Էքզիւփերիի փիլիսոփայութեան հետեւելով, ընթանալ փոքրիկ քայլերու արուեստի ճամբով` միաժամանակ վերագիտակցելով, որ չէր իրականանար այս ամբողջը, եթէ չըլլար նախ եւ առաջ մնայուն նեցուկն ու նիւթաբարոյական աջակցութիւնը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, սատարումը` նուիրատուներուն, նուիրումը` «Ազդակ»-ի ընտանիքին, եւ ինչպէս մամուլի աշխատակազմին, այնպէս ալ` դիրքերը չլքող ընթերցող փաղանգին»:

Սիրելի՛ «Ազդակ»-ի ընտանիքի անդամներ (եւ ընդհանրապէս` հայ մամուլի աշխատակիցներ), թող Աստուած ձեր ուժն ու կորովը աւելցնէ: Ձեր նաւատորմը թող յաղթահարէ բոլոր փոթորիկները:

Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Ս. Ծնունդ:

25 դեկտեմբեր 2018
Մուսա Լեռ – Այնճար             

Մեզ Դատեցէք Մեր Գաղափարով Ու Ամբողջական Գործով Եւ Հաւատացէք Մեր Երդումին

$
0
0

Ստորեւ լոյս կ՛ընծայենք, դեկտեմբեր 1-ին եւ 2-ին Մելպըրնի եւ Սիտնիի մէջ ՀՅԴ օրուան առիթով Խաժակ Մկրտիչեանին արտասանած խօսքերուն համադրումը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ամբողջ 128 տարի, ինքնակամ ու հպարտ, միշտ կանգնած է իր ժողովուրդին ընդառաջ, իր ամբողջ հասակով, իր գաղափարով ու պանծալի պատմութեամբ, իր սխրագործութիւններով ու թերացումներով, իր նուաճումներով ու ձախողութիւններով, միշտ հաւատարիմ մնալով «ծառայել Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին» նուիրուած ըլլալու իր երդումին:

Դաշնակցութեան ծնունդին անմիջապէս յաջորդեց հակադաշնակցականութեան ծնունդը: Սուլթանական Թուրքիայէն մինչեւ ցարական Ռուսիա, վայրի դրամատիրութենէն մինչեւ ամբողջատիրական համայնավարութիւն, չէին կրնար հանդուրժել հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած էապէս յեղափոխական, ազգային ու ընկերվարական այս շարժումը: Որովհետեւ Դաշնակցութեան համար ընկերվարութիւնը լոկ դասակարգային պայքար չեղաւ, միայն ընկերային արդարութիւն պահանջող ընկալում չեղաւ, այլ նաեւ ազգերու միջեւ տիրող անարդարութիւնը վերացնելու յանձնառութիւն է: Ինչպէ՞ս կարելի էր հանդուրժել յեղափոխական ու ընկերվարական այս շարժումը, երբ անոր հիմնադիր ռահվիրայ Քրիստափոր կը բարձրաձայնէր` «Պատռե՛լ է հարկաւոր այս կամ այն աւազակապետի ձեռքով գծուած կեղծ սահմանները»: Պարզ չէ՞ որ աւազակապետները ամէն ինչ ի գործ պիտի դնէին ճզմելու համար հայ ժողովուրդի իղձերն ու ձգտումները մարմնաւորող այս շարժումը: Հալածեցին, բանտարկեցին, կացինահարեցին, աքսորեցին, կախաղան բարձրացուցին, փորձեցին պառակտել, ժողովուրդի թշնամի որակել, տեղ մը դրամատիրութեան գործակալ նկատեցին, ուրիշ տեղ` համայնավարութեան ու ՔԿՊ-ի գործակալ, բայց Դաշնակցութիւնը մնաց կանգուն ու իր երդման հաւատարիմ` «Իսկ եթէ հարկ լինի, նաեւ կեանքի գնով ծառայել Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին»:

Կեանքի գնով ծառայելու կարմիր գիծը երկարեցաւ Վիտոշի լանջին Քրիստափորի նահատակութենէն մինչեւ Բաբգէն Սիւնի, Խանասոր, Սարդարապատ, Փետրուարեան ապստամբութիւն, Սերժ Թովմասեան, Լիզպոն, Արցախի ազատամարտ ու Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ նահատակուած Պչաքճեան Րաֆֆի:

Հակադաշնակցականները փոխուեցան, սուլթանները փոխարինուեցան իթթիհատականներով ու քեմալականներով, ցարերը փոխարինուեցան լենիններով ու ստալիններով, եւ հայանուն համայնավարները փոխարինուեցան ՀՀՇ-ականներով, բայց հայոց Դաշնակցութիւնը շարունակեց իր երթը արդէն 128 տարի, որուն 98 տարին հայրենազուրկ, բայց միշտ` ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիք կերտելու երազանքով:

Այդ երազանքի առաջին քայլը իրականութիւն դարձաւ անկախ պետականութեան հաստատումով, որուն հարիւրամեակը կը նշենք: Շատեր հայ ժողովուրդին պատմութիւնը կը նմանցնեն Քրիստոսի կեանքին, որ Գողգոթա բարձրանալէն երեք օր ետք յարութիւն առաւ: Հայ ժողովուրդն ալ իր դարասկիզբի գողգոթայէն երեք տարի ետք յարութիւն առաւ` անկախ պետութիւն ստեղծելով: Եթէ Քրիստոսի յարութեան արարիչը Աստուածային ուժն էր, ապա հայ ժողովուրդի յարութեան արարիչ ուժը Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն էր:

Այստեղ եւս հակադաշնակցականութիւնը գործի վրայ էր եւ հայանուն համայնավարները ամէն ջանք ի գործ դրին անկախութեան երթը խափանելու: Բայց Դաշնակցութիւնը կրկին յաղթեց, երբ անկախութեան գաղափարն ու անկախ պետականութեան խորհրդանիշները վերադարձուց վերանկախացած հայրենիք:

Որո՞նք են այսքան մեծ ու դեռ շարունակուող հարուածներուն դէմ դնելու գաղտնիքները:

Առաջին. Դաշնակցութիւնը ծնած է հայ ժողովուրդի ծոցէն` ծառայելու համար Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին` անկախ հայութեան գտնուած աշխարհագրական վայրէն: Արեւմտահայաստանէն մինչեւ Արեւելահայաստան, Պարսկաստանէն մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներ ու մինչեւ Սուրիոյ ներքին պատերազմ, Սարդարապատէն մինչեւ Հայաստանի վերանկախութեան համար մղուած պայքար, արցախեան գոյամարտէն մինչեւ ջաւախահայութեան ազգային ու մարդկային կեանքի բարելաւման համար տարուած աշխատանք, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ցուցական ու քաղաքական գործէն մինչեւ Արցախի անկախութեան ճանաչման ուղղութեամբ անխոնջ կռիւ, Դաշնակցութիւնը, առանց ամբոխային տրամաբանութեան տուրք տալու, մնաց իր ժողովուրդին հետ:

Երկրորդ. Ամուր կարգապահութիւնը մնաց յեղափոխական այս շարժման առանձնայատկութիւնը: Դաշնակցութեան մէջ չկային ու չկան մենաշնորհներ: Ազգին ու հայրենիքին համար կատարած մեծ սխրագործութիւններն անգամ իրաւունք չեն տուած ոեւէ մէկուն, որ ինքզինք դաշնակցական կարգապահութենէն վեր դասէ: Մեր պատմութեան մէջ շատ են այն օրինակները, որոնք կը հաստատեն դաշնակցական կարգապահութեան ամրութիւնը, եւ որոնք շատ յաճախ կարգ մը հակադաշնակցական շրջանակներու կողմէ չարաշահութեան առարկայ կը դառնան:

Երրորդ. Ամուր կարգապահութեան զուգահեռ, դաշնակցական ինքնաքննադատութիւնն ու ինքնավերանորոգման բնազդը կը հանդիսանան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կազմակերպական կարեւոր կռուաններ: Բարձրաձայն խօսքս կ՛ուղղեմ մերօրեայ բոլոր հակադաշնակցականներուն` ի զուր ժամանակ ու միջոց մի՛ սպառէք Դաշնակցութեան թերացումները մատնացոյց ընելու համար եւ հաւատացէք, որ Դաշնակցութիւնը իր ինքնաքննարկման մէջ այնքան անողոք ու դաժան է, որ ձեր մատնանշած թերութիւնները շատ թեթեւ կը կշռեն անոր դիմաց, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը իր ծննդեան օրէն իսկ կը հաւատայ, որ երիտասարդ, գործունեայ ու նպատակասլաց մնալու միակ երաշխիքը հետեւողական ինքնասրբագրումն է:

Այսօր, Դաշնակցութեան գործը քննադատող թափ առած արշաւը, ակամայ, ինծի յիշեցուց 90-ականներուն սկիզբը, երբ բացայայտ փորձ կը կատարուէր մեզ բաժնելու լաւի ու վատի, ներսի ու դուրսի, մարուխեանականի ու հակամարուխեանականի միջեւ: Այս բեմէն իմ համոզումս ու հաւատս կը յայտնեմ առ այն, որ շարքային կամ ոչ շարքային բոլոր ողջամիտ դաշնակցականներու հաւաքական ճիգով, նախորդ փորձառութեան ոգիով ու կամքով պիտի մերժուի այդ կասկածելի բաժանարար քարոզչութիւնը, եւ մենք ամուր կառչած կը մնանք մեր գաղափարական կեդրոնացումին ու կը հաւատանք մեր կազմակերպութեան ինքնավերանորոգման պատմական բնազդին:

Նոյն այդ ինքնասրբագրման պատրաստ ըլլալու կարեւոր ապացոյցն է ամէն տարի Դաշնակցութեան օր նշելու աւանդոյթը, երբ մեր շարքերուն ու համակիրներուն դիմաց կը կանգնինք խօսելու համար մեր ըրածին ու չըրածին մասին, որովհետեւ ամբողջապէս համոզուած ենք, որ միայն մեր ժողովուրդի փոքր մասը հանդիսացող շարքերով կարելի չէր եւ չէ այսքան մեծ գործ կատարել, եթէ չունենայինք մեր համակիրներու հսկայ բանակը, որ նոյնքան ու աւելի կը հաւատայ Դաշնակցութեան գաղափարին ու գործին:

Դաշնակցութեան օր նշելու աւանդոյթը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հասցէին գովասանքի խօսքեր շռայլելու նպատակ չունի: Այդ պիտի չընենք նաեւ այսօր: Նպատակը մէկ է` առարկայականօրէն մեր ժողովուրդի դատին ներկայացնել մեր որդեգրած սկզբունքները, տարած աշխատանքները, արձանագրած յաջողութիւններն ու դժուարութիւնները եւ ականջալուր դառնալ ինքնասրբագրման ծառայող տեսակէտներուն ու կարծիքներուն:

Մենք եկած ենք խօսելու այն կուսակցութեան մասին, որ իր ողջ կազմակերպական կառոյցով, ուղեկից միութիւններով, Հայ դատի աշխարհասփիւռ գրասենեակներով, հայրենիքի կամաւոր պաշտպան ազատամարտիկներով ու երիտասարդութեամբ, ներքին ու արտաքին ճակատներու վրայ կը պայքարի Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի անվտանգութեան ու ազգային իրաւունքներու ձեռքբերման համար:

Մենք կը նշենք գաղափարական այն կուսակցութեան օրը, որ իր հնարաւոր բոլոր միջոցները ի գործ դրաւ Սուրիոյ արիւնալի պատերազմի կիզակէտին մէջ յայտնուած սուրիահայութեան պաշտպանութեան գործին, աջակցեցաւ այդ պատերազմին պատճառով գաղթական դարձած հայորդիներուն ու այդ ճամբուն վրայ չզլացաւ իր հաւատաւոր ընկերներու կեանքն անգամ:

Դաշնակցութիւնը եղաւ այն կազմակերպութիւնը, որ քառօրեայ պատերազմի օրերուն իր մօտաւորապէս հազար կամաւոր ազատամարտիկներով շտապեց հայրենի երկրի առաջնագիծը հանդիսացող Թալիշի պաշտպանութեան:

Դաշնակցութեան Հայ դատի գրասենեակները ամէն միջոց ի գործ դրին Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման համար: Աւելցաւ Ամերիկայի այն նահանգներուն թիւը, որոնք ճանչցան Արցախի անկախ ապրելու իրաւունքը: Լրատուական հոսքի ամենամակերեսային ակնարկով նոյնիսկ կարելի է նկատել Եւրոմիութեան քաղաքական ներկայացուցիչներու Արցախ կատարած այցելութեան հոսքը, որ կը կազմակերպէր Պրիւքսէլի ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակը:

Անկախ ընդդիմադիր կամ իշխանական կուսակցութիւն ըլլալու կարգավիճակէն` ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակները անխափան շարունակեցին աջակցիլ Հայաստանի արտաքին դիւանագիտութեան` աշխարհի տարբեր մայրաքաղաքներու ու միջազգային ատեաններու մէջ:

Դաշնակցութիւնը եղաւ այն կազմակերպութիւնը, որ մեկնելով իր դաւանած ազգային շահերու եւ ազգերու արդար իրաւունքներու էապէս ընկերվարական ընկալումէն` գործակցութեան ուղիներ բացաւ քրտական տարբեր միաւորներու հետ: Այդ համագործակցութեան ընդմէջէն ճիգ տարուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումը միջազգային հանրութեան ուշադրութեան առարկայ դարձնել:

Հակառակ անոր որ այսօր սուր քննադատութեան կ՛արժանանայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ներհայաստանեան քաղաքականութիւնը, ընդունելով հանդերձ, որ անպայման եղած են կարգ մը անյաջողութիւններ, կարելի չէ չտեսնել այն, որ Դաշնակցութիւնը հետեւողական եղաւ հայ-թրքական փրոթոգոլի չեղարկման, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ամրագրումին, Արցախի անկախութեան ամրապնդման, Հայաստանի մէջ խորհրդարանական համակարգ հաստատելու, հարիւր տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգի եւ մեր ժողովուրդի շահերուն վնասող պարտադիր կուտակայինին առնչուող օրէնսդրական քայլերու կապակցութեամբ:

Դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որուն անդամ գիւղապետը մերժեց փտածութիւն ենթադրող գործարքներու մէջ մտնել, եւ որուն պատճառով զոհ դարձաւ հայանուն ստոր արարածի դաւադիր գնդակին: Դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որուն անդամ նախարարը բաց երկխօսութեան մէջ մտաւ բնապահպանական հասարակական կառոյցներու հետ: Դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որ մինչեւ վերջ պնդեց եւ կը շարունակէ պնդել եկամուտներու արդար բաշխման սկզբունքը: Դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որուն անդամ մարզպետը միակ բարձրաստիճան պաշտօնեան էր, որ ապրիլ-մայիս ամիսներուն ընթացող ժողովրդային ցոյցերուն ամէնօրեայ երկխօսութեան մէջ էր ցուցարարներուն հետ: Դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որ ամէն ճիգ թափեց Հայաստանը զերծ պահելու ներքին արիւնահեղութենէն: Դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որ իր բոլոր հնարաւորութիւնները ի գործ դրաւ` յանուն ներքին համերաշխութեան ու ազգային համաձայնութեան գոյացման:

Այստեղ հարց կը ծագի` իսկ սխալներ ու թերացումներ չէ՞ ունեցած Դաշնակցութիւնը: Անկասկա՛ծ, որ ունեցած է, ու չենք ալ խուսափիր զանոնք բարձրաձայնելէ, ախտաճանաչումներ կատարելէ եւ ինքնասրբագրման միջոցներ որոնելէ: Բայց թոյլ չենք տար, որ մեր անխուսափելի անյաջողութիւնները մեկնաբանուին իբրեւ անսկզբունքայնութիւն, այլակերպում կամ գաղափարական շեղում: Հակառակ անոր որ գիտենք, թէ մեր ժողովուրդին սպասելիքները շատ մեծ են, շատ մեծ են Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հնարաւորութիւններն ու միջոցները, բայց միաժամանակ մենք յաւակնութիւնը չունինք մեզ մատուցելու իբրեւ ամենակարող ուժ եւ պիտի ընդունինք, որ քաղաքական կեանքին մէջ վճռական են քաղաքական ուժին տրուած պայքարի լծակները:

Ճիշդ է, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր ունեցած լծակներով կրցաւ ներազդել Արցախի հարցով, հայ-թրքական յարաբերութիւններու գծով եւ ազգային անվտանգութեան առնչուող այլ հարցերով: Բայց նաեւ ճիշդ է, որ Դաշնակցութիւնը չկրցաւ քաղաքական իր գործընկերոջ բերել այն համոզումին, որ ներքին տնտեսական ու ընկերային անարդարութիւններու, կաշառակերութեան ու եկամուտներու անարդար բաշխման երեւոյթներու վերացումը նոյնքան ազգային անվտանգութեան խնդիր է: Երբ ակնյայտ է, որ ընկերա-տնտեսական մենաշնորհն ու չարաշահումը եւ արդարութեան բացակայութիւնը էապէս կը հարուածեն մեր պետականութեան հիմքերը, պատճառ դարձած են արտագաղթի ահագնացող աստիճանի ու կը վտանգեն մեր պաշտպանողականութիւնը, ապա այդ չարիքներու առկայութիւնը նոյնքան ազգային անվտանգութեան խնդիր է, որքան Արցախի վրայ կատարուած յարձակումը:

Հայաստանեան մեր կառոյցը մշակեց արտագաղթը կանգնեցնելու ռազմավարական ծրագիր, բայց ցաւ ի սիրտ կ՛ըսենք, որ ատիկա կեանքի չկոչուեցաւ եւ մնաց լոկ ծրագիր:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի տնտեսական գրասենեակը մշակեց ու հանրութեան քննարկման հրամցուց ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթներ, որոնց գլխաւոր ու կարեւորագոյն ուղեցոյցն է Հայաստանի մէջ եկամուտներու արդար վերաբաշխումը: Իբրեւ ընկերվարական կուսակցութիւն` նման ծրագիր պէտք էր մշակուէր շատ աւելի շուտ, որովհետեւ Հայաստանի ընկերային-տնտեսական հարցերը անկախութեան առաջին օրերէն իսկ, Դաշնակցութեան համար պէտք էր ըլլային գերխնդիր:

Ի վերջոյ, մենք գացինք համախոհութիւն մը ստեղծելու քայլին, ուր չունէինք մեր սկզբունքները պարտադրելու բաւարար լծակներ եւ լծակներուն տիրապետողներու բացասական արարքներուն հետեւանքները պիտի տարածուէին նաեւ մեր վրայ:

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդային շարժումին մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը յոյս տեսաւ, որ ի վիրջոյ ընկերային-տնտեսական բնագաւառի մէջ տիրող յոռի երեւոյթները կարելի է վերացնել, եւ այդ գործը ազգային համաձայնութեան իրական մթնոլորտի մէջ առաջ տանելու իր անկեղծ պատրաստակամութիւնը արտայայտեց: Առանց ամբոխային տրամաբանութեամբ տարուելու` Դաշնակցութիւնը ի սրտէ ուզեց, որ իշխանափոխութիւնը արդարացնէ հայ ժողովուրդի սպասելիքներն ու յոյսերը, որովհետեւ համոզուած է, որ անոր ձախողութիւնը շատ մեծ յուսախաբութիւն կրնայ յառաջացնել` անկէ բխած բոլոր հետեւանքներով: Ազգային համաձայնութեան մը առաքելութիւնը մենք ընկալեցինք կազմաւորուած կառավարութեան համաձայնեցուած ծրագրին ընդմէջէն: Շարունակեցինք պնդել մեր նոյն սկզբունքներուն վրայ, պահանջեցինք պարտադիր կուտակայինը մերժել, ընտրական օրէնսգիրքէն վարկանշայինը վերացնել, պահպանել սահմանադրական ընթացքը եւ ամրապնդել խորհրդարանական նորաստեղծ համակարգը, Հայաստանն ու Արցախը զերծ պահել անկանխատեսելի ներքին ցնցումներէ, պահպանել Հայաստանի ժողովրդավարական միջազգային բարձր վարկը, եւ այդ սկզբունքներուն համար չվարանեցանք մեր որոշ անհամաձայնութիւններուն մասին բարձրաձայնել, որովհետեւ համոզուած ենք, որ միայն ծափահարելով գուցէ կ՛արժանանաս պահի տակ դրսեւորուած ժողովրդային համակրանքին, բայց չես նպաստեր իշխանափոխութեան յաջողութեան:

Մենք անցանք Երեւանի քաղաքապետարանի արտահերթ ընտրութիւններու մէջէն, որուն մասին տուած ենք մեր գնահատականը` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի պաշտօնական յայտարարութեամբ: Այսօր կը գտնուինք Հայաստանին պարտադրուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իբրեւ հայ իրականութեան մէջ գործող կարեւոր քաղաքական ուժ` չէր կրնար զերծ մնալ էապէս քաղաքական այս իրադարձութենէն: Անգամ մը եւս Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, իր արտաքին ու ներքին քաղաքականութիւններու մօտեցումները, ազգային անվտանգութեան, Արցախի հարցի ու ընկերային-տնտեսական խնդիրներու իր պատկերացումները ամփոփած է յստակ ուղղութիւն առաջարկող նախընտրական փլաթֆորմի մը մէջ ու զայն յանձնած է Հայաստանի քաղաքացիի դատին: Առաջարկուած ծրագրի գործադրման համար ակնյայտ են նաեւ ՀՅԴ հայաստանեան, արցախեան ու սփիւռքեան ունեցած հնարաւորութիւնները, կը մնայ, որ Հայաստանի քաղաքացին մեզ դատէ մեր գաղափարներով ու հաւատայ մեր երդումին:

Ոմանք արդէն շտապած են կանխագուշակել, թէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը յաջորդ խորհրդարանի մէջ ըլլալու ժողովրդականութիւն չունի: Այդ գուշակութիւններուն հաւատացողներուն ու չհաւատացողներուն կ՛ուզենք հաւաստիացնել, որ յոռեգոյն արդիւնքներու պարագային իսկ Դաշնակցութիւնը իր պատմական փորձով, ինքնավերանորոգման առողջ բնազդով, համահայկական լայն հնարաւորութիւններով է՛ եւ կը մնայ առաջամարտիկ` ծառայելու Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին ու դրօշակիր` մեր ազգային իտէալներուն, արդար ու անվտանգ հայրենիք կառուցելու գործին:

Կեցցէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ յաղթական երթ` անոր շարունակուող արշաւին:

Մահուան 4-րդ Տարելիցին Առիթով. Իւրայատուկ Ու Անկրկնելի Վահան Յովհաննիսեան

$
0
0

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆ

«Հիմնական հոպիս հիմա կարդալն է, այսինքն` միշտ է դա եղել: Ի դէպ, ես կարդում եմ երկու տիպի գրականութիւն` գիտական գրականութիւն եւ հետաքննական վէպեր: Վերջինները աւելի շատ կարդում եմ, որ անգլերէնը չմոռանամ: Լուրջ գեղարուեստական գրականութիւն հիմա քիչ եմ կարդում: Ինչ որ պէտք է, ես ժամանակին կարդացել եմ»:

Վահան Յովհաննիսեանի հետ խօսելիս, յատկապէս` երբ կար ազատ ժամանակ եւ հակուածութիւն հոգեշահ զրոյցների համար, կարելի էր համոզուել, որ ընթերցած գրականութեան շնորհիւ նա կուտակել էր գիտելիքների ծանրակշիռ պաշար: Յիշելով պատառիկներ նրա բանաւոր ելոյթներից, հրապարակախօսական գրութիւններից եւ, ի հարկէ, ստեղծագործած, ցաւօք միակ, վէպից կարելի է հասկանալ, որ կուտակած այդ գիտելիքները բազմազան էին, ընդգրկում էին համաշխարհային պատմութիւնը, մշակոյթը եւ այլ ոլորտներ: Հայ, ռուս, եւրոպական եւ այլ ժողովուրդների պատմութիւնը, մշակոյթը, կենցաղը, ազգագրական առանձնայատկութիւնները գիտէր մասնագիտական խորութեամբ:

Այլ հարց, որ նա մտաւորականի իր կերպարն ի ցոյց դնելու յաւակնութիւններից հեռու էր եւ, միւս կողմից, գիտելիքները դրսեւորելու ասպարէզից էլ հեռացել էր` մի օր կենսագրութեան կտրուկ շրջադարձ կատարելով դէպի ազգային-ազատագրական պայքար, Հայաստանի անկախութեան շարժում եւ կուսակցական, քաղաքական ու պետական գործունէութիւն:

Սա նրա կեանքի աներկբայ ընտրութիւնն էր, թէեւ առիթների դէպքում ափսոսանքով էր յիշում գիտական գործունէութեան տարիները եւ երբեմն էլ, իրեն յատուկ հիւմըրով, ասում. «Յաջողութիւն ձեր աշխատանքներին, ես վերադառնում եմ հնագիտութիւն»:

Նախկին գործընկերներն ասում են, որ Վահան Յովհաննիսեանը լաւ  հնագէտ էր, եւ քաղաքականութեան հաշուին պատմագիտութեան այս ասպարէզը կորցրեց հմուտ ու հեռանկարային գիտնականի:

Մասնագիտութեան ընտրութեան եւ մասնագիտական աշխատանքի մասին պատկերացում կազմելու համար աւելի տպաւորիչ կը լինի, եթէ  դարձեալ լսենք իրեն` մէջբերում կատարելով վերը նշուած հարցազրոյցից:

«Ես մանկութեան տարիներից էլ ուզել եմ պատմաբան դառնալ: Ինձ սկզբում աւելի շատ հետաքրքրում էր միջնադարը: Երբ հիմնարկն աւարտելուց յետոյ վերադարձայ Հայաստան (Մոսկուայում եմ աւարտել) ցանկացայ աշխատել եւ զբաղուել միջնադարեան Հայաստանի, յատկապէս` Կիլիկեան թագաւորութեան ժամանակաշրջանով: Ի դէպ` երբ աւելի վաղ ես Հայաստանում փորձեցի պատմութեան բաժին  ընդունուել, «ամենավերեւից» պահանջ եկաւ, որ պատմութեան մէջ չմտնեմ, քանի որ այլախոհի որդի եմ: Ես ստիպուած ընդունուեցի բանասիրական բաժին, բայց, որպէսզի յետոյ անեմ այն, ինչ ուզում եմ, տեղափոխուեցի Մոսկուա: Երբ վերադարձայ, միջնադարի ուսումնասիրութիւնն էլ առջեւս փակեցին, ասացին, որ այնպիսի բան ընտրեմ, որը հեռու լինէր մեր ժամանակներից, որպէսզի «դասակարգային պայքար» չլինէր: Ես ընտրեցի հնագիտութիւնը` պրոնզէ  դարը: Ոտք ու ձեռքով մտայ դրա մէջ եւ հասկացայ, որ դա աշխարհի ամենալաւ մասնագիտութիւնն է:

Ես տարբեր տեղերում եմ պեղումներ արել` Հարաւային Հայաստանում, յատկապէս` Վայքում, Դիլիջանի շրջակայքում, Սեւանի աւազանում: Սակայն ամենակարեւոր յուշարձանը, որի պեղումները ղեկավարել եմ, եղել է յայտնի Քարաշամբի դամբարանադաշտը` Երեւանից 30 քմ հիւսիս` Հրազդան գետի հունով: Այդ դամբարանադաշտի նիւթերը մինչեւ հիմա դեռ ամբողջութեամբ հրապարակուած չեն: Այնպիսի հրաշալի յուշարձան էր, որ պետութիւնը որոշեց դրա մի մասը դարձնել արգելոց եւ դեռ չպեղել, հետագայում աւելի նոր ու կատարելագործուած գործիքներու միջոցով շարունակել: Եւ հիմա այդպէս էլ մնում է: Դամբարանադաշտի տարածքը կառուցապատման տակ էր: Մենք շինարարների հետ վէճերով կարողացանք դադարեցնել շինարարութիւնը: Ես նոյնիսկ ստիպուած եղայ Աւանի դպրոցի աշակերտներին պառկեցնել դամբարանաթմբի վրայ, որ թրաքթորները կանգնեն: Դրանից յետոյ մենք ստացանք պեղումների թոյլտուութիւն, արգելեցինք շինարարութիւնը եւ սկսեցինք աշխատանքները, որոնք այնպիսի արդիւնքներ տուեցին, որ, 1940-ականներից սկսած, ամբողջ Հարաւային Կովկասում չեն եղել: Յայտնաբերուած գանձերը ներկայումս պահպանւում են պատմութեան թանգարանում: Ես դրանք հրապարակել եւ դրանց հիման վրայ  պաշտպանել եմ թեկնածուական թեզ»:

1980 թուականից Վահան Յովհաննիսեանը աշխատում է «Էրեբունի»  թանգարանում, նախ` որպէս գիտաշխատող, յետոյ` գիտահետազօտական բաժնի վարիչ, իսկ 1989 թուականից տեղափոխւում է Գիտութիւնների ակադեմիայի հնագիտութեան եւ  ազգագրութեան հիմնարկ: Տարբեր հնագիտական արշաւախմբերի կազմում պեղումների է մասնակցում Հայաստանի տարածքով մէկ. այդ պեղումների ընթացքում յայտնաբերուել են պրոնզի եւ վաղ երկաթի դարի շատ արժէքաւոր նիւթեր:

Բայց ամէնից աչքի ընկնող գտածոները, ինչպէս եւ ինքն է նշում հարցազրոյցում, պեղուել են Քարաշամբում, ուր աշխատում էր Վահան Յովհաննիսեանի ղեկավարած արշաւախումբը: Քրիստոսի թուարկութիւնից առաջ XXIII դարի դամբարանում յայտնաբերուել են անգնահատելի գիտական եւ նիւթական արժէք ներկայացնող գտածոներ: Դրանց թւում է հռչակաւոր արծաթէ գաւաթը, որի վրայ պատկերուած դիցաբանական սիւժէն մշակութաբանօրէն կապում է գաւաթի ստեղծողներին մեր երկրի հնագոյն հնդեւրոպական բնակչութեան` հայերի նախնիների հետ: Հրաշալի պահպանուած գաւաթը վկայում է, որ այդ շրջանում արդէն Հայաստանը բաւական զարգացած արտադրական ու մշակութային կեդրոն է եղել: Այս եւ միւս ցուցանմուշներն այսօր Հայաստանի պատմութեան թանգարանի հպարտութիւնն են եւ որպէս այցեքարտ ցուցադրւում են Հայաստանում ու արտերկրում:

Գտածոներն ու հետազօտութիւնները հիմք են հանդիսացել Վահան Յովհաննիսեանի մի քանի տասնեակ գիտական աշխատութիւնների եւ  թեկնածուական թէզի համար:

Ռուսաստանում եղած տարիներին Վահանն աշխատել է նաեւ, այսպէս ասած, ռուսական Լուվրում` Էրմիթաժում, եւ Լենինկրատի Արեւելագիտութեան ու հնագիտութեան հիմնարկներում:

Մէջբերուող հարցազրոյցում, անդրադառնալով յայտնի ռուս գիտնական, Էրմիթաժի տնօրէն Փիոտրովսքու կողմից ասուած այն մտքին, թէ  ափսոսում է, որ Վահանը հեռացել է հնագիտութիւնից եւ դարձել քաղաքական գործիչ, Վահանն ասում է. «Ինձ յայտնի չէ, որ նման բան է ասել: Բայց եթէ որեւէ մէկն ասել է, ապա ես համաձայն եմ: Ես էլ եմ ափսոսում: Բայց ճակատագիրն է ստիպել: Երբ պատերազմը Ղարաբաղում անխուսափելի դարձաւ, ես շատ երիտասարդ չէի, բայց մինչ այդ խորհրդային բանակում, չինական սահմանի վրայ, յատուկ ջոկատներում էի ծառայել: Զէնքին եւ պատերազմի արուեստին տիրապետում էի: Եթէ գիտելիքներ ունես, որոնք քո ժողովրդին այդ պահին պէտք են, ուրեմն ընտրութեան առջեւ ես` եթէ ոչ` ես, ապա ո՞վ»:

Հարցազրոյցից բերուած այս ընդարձակ մէջբերումների նպատակը ո՛չ միայն մտաւորական Վահան Յովհաննիսեանի կենսագրական փաստերը ներկայացնելն էր, այլեւ որոշ պատկերացում փոխանցելը նրա մարդկային կերպարի մասին:

Քաղաքական գործիչ Վահանը մեզ յայտնի էր իր տրամաբանուած, կրակոտ ու սուր ելոյթներով: Նա մշտազբաղ էր խորհրդարանի, խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւնների, կուսակցական եւ քաղաքական բազմաշերտ գործունէութեամբ, միաժամանակ` պատգամաւորութեան վերջին տարիներին սկսեց նաեւ յօդուածներ գրել:

Վահանի համար այս աշխատանքը ձեռնարկելու մղիչ ուժը խոր մտահոգութիւնն էր Հայաստանի ապագայի վերաբերեալ: Յաճախ էր կրկնում այն միտքը, թէ երկրի ժողովրդագրական եւ միւս կորուստները խորանալով կարող են մի սահմանի հասցնել, որտեղից վերադարձ այլեւս հնարաւոր չի լինի: Այս մասին է վկայում նաեւ «Երկիր» կայքէջում հրապարակուած եւ հետագայում գրքի վերածուած յօդուածաշարի խորագիրը` «Մայրամուտ, որը պէտք է կասեցնել»:

Յօդուածաշարի նախաբանում Վահանը գրում է. «Ամենասարսափելին այն է, որ մենք հաշտւում ենք պարտութեան հետ, որին ինքներս ենք մեզ դատապարտում օրէցօր: Կա՛մ զարթօնքի թարմ քամի եւ քայլ դէպ ապագայ, կա՛մ մակաբուծութիւն սեփական պատմութեան վրայ, ահա սա է այն ընտրութեան իրական իմաստը, որի առաջ մեր երկիրը կանգնած է»:

Ընտրելով հրապարակախօսութեան լեզուն` իրարայաջորդ յօդուածներում դրանց հեղինակը անդրադառնում է մեր պատմութեանը, փորձում բացայայտել հայ մարդու խառնուածքի այն առանձնայատկութիւնները, որոնք որոշակի դեր են խաղացել նրա պատմական ճակատագրում եւ կանխորոշել այսօրուայ իրականութիւնը: Հետաքրքրական ու խորը վերլուծութեան են ենթարկւում Հայաստանի անկախութեան նոր շրջանի գործընթացները` ախտորոշելու նպատակով առկայ իրականութեան պատճառահետեւանքային կապերը: Իսկ հետապնդուող հիմնական նպատակն, ի հարկէ, ստեղծուած իրականութիւնը յաղթահարելու ելքերի որոնումն էր: Իր վերլուծութիւնները Վահանը կատարում է պատմական ընդգրկուն հայելու վրայ` համեմատութիւնների ճանապարհով, ընդհանրութիւններն ու օրինաչափութիւնները յայտնաբերելու մտասեւեռմամբ:

Յօդուածաշարն արժէքաւոր է, քանի որ քննւում են մեր ընդհանուր ճակատագրի հարցերը: Միւս կողմից, որպէս քաղաքական-վերլուծական նիւթ, հետաքրքրութեամբ էր ընթերցուելու, եթէ անգամ մեզ չվերաբերէր:

Ինչպէս յիշեալ եւ միւս յօդուածների պարագայում, նոյնպիսի անակնկալ էր ընկեր Վահանի վէպի լոյս աշխարհ գալը: Ինչն էր «ստիպել» կուսակցական-քաղաքական, պետական աշխատանքներով բազմազբաղ մարդուն ձեռք զարկել ստեղծագործական աշխատատար գործի: Յամենայն դէպս, ոչ գրողի համբաւ ձեռք բերելու յաւակնութիւնը: Ծանօթանալով այն ուղերձների հետ, որոնք յղում է վէպն ընթերցողին, ինչպէս եւ հետեւելով գրքի վերաբերեալ Վահանի որոշ արտայայտութիւններին, կարելի է յիշել քսաներորդ դարի երկրորդ կէսի լատինաամերիկեան մեծ գրականութիւնը ստեղծած հեղինակների հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Ես գրում եմ, որպէսզի օգնեմ լատինաամերիկեան յեղափոխութեանը»: Կարծեմ` նմանօրինակ քաղաքական-գաղափարական պատուէր է իր առջեւ դրել կամ, այլ կերպ ասած, կամաւոր յանձնառութիւն էր ստանձնել նաեւ Վահանը` ձեռնամուխ լինելով իր համար նոր, ստեղծագործական աշխատանքի: Ենթադրութիւնս հաստատւում է իր իսկ այն բացատրութեամբ, թէ` «վէպը ռուսերէն եմ գրել, որպէսզի աւելի լայն լսարան ունենայ»: Այս նոյն նկատառումով էլ սեփական կեանքի մայրամուտին նա անհամբեր էր, որ տեսնի, հայերէնի կողքին անգլերէն թարգմանութիւնը: Վահանը հաւատում էր իր ուղերձների կարեւորութեանը այսօրուայ  համաշխարհային տագնապալի զարգացումների խորապատկերի վրայ, եւ վէպի ընթերցողն էլ համոզւում է ասելիքի կարեւորութեան մէջ:

Ի՞նչ վէպ է գրել Վահանը: Այն կարելի է դասել նրա սիրելի հետաքննական սեռին: Աւելի ստոյգ` քաղաքական հետաքննութեան սեռին: Կարելի է անուանել նաեւ պատմական հետաքննութիւն: Միւս կողմից` հետաքննական գրականութեանը բնորոշ է որոշակի  ժամանակահատուածի մէջ որոշակի իրադարձութիւնների զարգացումն ու հանգուցալուծումը: Այնինչ` «Մանդիլիոնը» նման է երկու հազարամեակ ընդգրկող իրադարձութիւններով եւ սերունդների խճճուած կենսագրութիւններով պատմավէպի: Սակայն ժանրային այս բնորոշումը եւս կաշկանդիչ է թւում ներկայ ժամանակում ապրող մարդկանց ճակատագրերի ու յարաբերութիւնների համապատկերի առումով, եւ պէտք է պարզապէս ընդունել, որ ինչպէս ամէն մի լաւ  ստեղծագործութիւն, «Մանդիլիոնը» եւս չի տեղաւորւում իզմերի ու գրական սեռերի կաղապարների մէջ:

Մէկհատորեակի ծաւալի մէջ յաջողուել է ընդգրկել երկհազարամեայ ժամանակահատուած ամփոփող իրադարձութիւններ` սկսած Եդեսիայի Աբգար թագաւորի նամակագրութիւնից Յիսուս Քրիստոսի հետ եւ Տիրոջ գործունէութեան ու ձերբակալութեան նկարագրութիւններ, Կոստանդնուպոլսի կործանումից մինչեւ հայոց ջարդերը, Առաջին աշխարհամարտը, կամաւորական շարժումն ու ինքնապաշտպանական կռիւները, Սարդարապատը, Առաջին Հանրապետութեան անկումն ու Փետրուարեան ապստամբութիւնը, Հայաստանի խորհրդային տարիներից մինչեւ նոր վերազարթօնք, ղարաբաղեան պայքար ու Հայաստանի անկախացում: Եւ, ի վերջոյ, ներկայիս իրականութիւնը` կրօնական ծայրայեղականութիւնը եւ միջազգային ահաբեկչութիւնը:

Ժամանակային մէկ կտաւի վրայ միախառնելով ու շաղկապելով պատմական իրադարձութիւնները` Վահան Յովհաննիսեանը ապացուցում է, որ չկան իրարից կտրուած անցեալ ու ներկայ, այլ կայ իրադարձութիւնների մէկ շղթայ: Անցեալը շարունակում է ուղղութիւն տալ ներկային, եւ ներկան կարող է ներգործել անցեալի վրայ: Իր ստեղծագործութեան հերոս Ռալֆ Կոտերեանի բերանով նա մէջբերում է Ճորճ Օրուելի հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Ով կառավարում է անցեալը, նա կառավարում է ապագան, ով կառավարում է ներկան, նա կառավարում է անցեալը»:

Կարծես, այս ճշմարտութեամբ առաջնորդուելով է, որ իրար հետ կենաց-մահու մրցակցութեան մէջ են մտնում «Մանդիլիոնի» հակառակորդ կողմերի հերոսները, որոնց մի մասը ձգտում է գտնել եւ փրկել Քրիստոսի ձեռամբ արարուած նրա դիմապատկերը, իսկ միւս կողմը ձգտում է գտնել եւ ոչնչացնել այն:

Անդրադառնալով ներկայիս աշխարհը ալեկոծող երեւոյթներից մէկին` Վահան Յովհաննիսեանն ընթերցողին է յղում գլխաւոր ուղերձներից մէկը` ֆիզիքական յաղթանակից առաւել կարեւոր է նկատւում հոգեւոր կռուանների թուլացումն ու ոչնչացումը: Հէնց քրիստոնեայ հզօր երկրներում հրապարակւում են գրքեր, նկարահանւում են ժապաւէններ, որոնց միջոցով շատ նրբօրէն, յաճախ նոյնիսկ քրիստոնէութեան արժէքների պաշտպանութեան անուան տակ իրականացւում է կասկած սերմանելու, հոգեւոր արժէքներն ու սրբութիւնները վարկաբեկելու գործընթաց: Պատահականութի՞ւն է այս բոլորը: Վահան Յովհաննիսեանն ասում է` ոչ:

Առհասարակ, իւրաքանչիւր մարդ եւ, ի հարկէ, քաղաքական գործիչ իրականութիւնը տեսնում է սեփական մտահորիզոնի չափով: Ոմանց համար աշխարհն այն է, ինչ սկսւում է իրենցից եւ պտտւում սեփական առանցքի շուրջը, ոմանք էլ, ինչպէս Վահանը, տեսնում են ո՛չ միայն ընթացիկ երեւոյթները, այլեւ թափանցում դրանց խորքը եւ յանգում օրինաչափութիւնների վրա հիմնուած ընդհանրացումների: Այդ իսկ պատճառով նմանների հնչեցրած ահազանգերը ոչ թէ քաղաքական չափազանցութիւնների սեռից են, այլ բխում են վաղուայ արդիւնքն ու հետեւանքը կանխազգալու կարողութիւնից:

Վահանը կայացած գիտնական էր, երբ եկաւ Դաշնակցութիւն եւ դարձաւ  Հայաստանի նորակազմ կառոյցը ներկայացնող ղեկավար անձ: Նրան, սակայն, գայթակղում էր ոչ թէ իր կարգավիճակը, այլ Արցախը, ազատագրական կռիւը, կենդանի պայքարն ու ճիգը` ուղղուած հայաստանեան կեանքի հակասութիւնների յաղթահարմանը: Նա եղաւ  Դաշնակցութեան համասփիւռ կառոյցի կարեւոր դերակատարներից մէկը` իր ընդգրկուն կերպարով կրկնելով պայքարի ու գրչի մեծ նախորդներին եւ միաժամանակ լինելով ու մնալով որպէս իւրայատուկ ու անկրկնելի Վահան Յովհաննիսեան:

 

 

 

 

Սփիւռքի Նախարարութեան Լուծարման Առնչուող Մտահոգութիւն

$
0
0

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ուրուկուէյի եւ Արժանթինի հայ համայնքներուն յայտարարութիւնները, ուր անոնք անհանգստութիւն կը յայտնեն սփիւռքի նախարարութիւնը լուծարելու Հայաստանի կառավարութեան մտադրութեան գծով։

Ուրուկուէյի Հայ Համայնքին
Յայտարարութիւնը

Ներքոստորագրեալ ուրուկուէյահայ համայնքի հաստատութիւններս, յանուն մեր շարքերուն եւ համակիրներուն, հայրենի ԶԼՄ-ներու միջոցով խոր մտահոգութեամբ տեղեկացանք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի լուծարէ սփիւռքի նախարարութիւնը, եւ անոր պաշտօնեաները գործէ ազատ պիտի արձակուին:

Մեր մտահոգութիւնը գլխաւորապէս կ՛երթայ նաեւ այս պետական կառոյցի կասեցմամբ շփման պակասին, քանի որ իր ստեղծումէն անցած են տասը տարիներ, եւ հակառակ անոր որ անոր գործունէութեան ընթացքին եղած էին բացթողումներ եւ անճշդութիւններ, սակայն Հայաստան-սփիւռք պետական կապի գլխաւոր օղակը հանդիսացաւ անիկա, ուր մենք` որպէս սփիւռքի ամենահեռաւոր գաղութներէն մին, յաջողեցանք այդ տարիներուն ընթացքին սփիւռքի նախարարութեան ճիգերով անմիջական կապ հաստատել եւ առիթը ունենալ մայր հայրենիքի թէ՛ մշակութային, թէ՛ կրթական եւ թէ՛ արուեստի ոլորտներուն մէջ ճանաչում գտած անձնաւորութիւններու ներկայութիւնը վայելել եւ իրենց միջոցով զգալ հայրենիքի ջերմութիւնը:

Մեզ նաեւ կը մտահոգէ տրուած այս որոշումին ձեւը, քանի որ այլընտրանքի մասին չի խօսուիր, քննարկումներ տեղի չեն ունենար, ինչ որ կը նշանակէ, թէ մենք հայրենիքի եւ սփիւռքի հարցերը համակարգող կառոյց պիտի չունենանք, ու այս կապակցութեամբ ալ հեռանկարը կը մնայ շատ անորոշ: Կը կարծենք, որ սխալ է նման որոշում մը տալը` առանց խորհրդակցելու սփիւռքի գաղութներուն հետ, հոն գործող կառոյցները անտեսելով: Եթէ անկեղծ էին թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք անոր ղեկավար դէմքերուն հրապարակային յայտարարութիւններն ու պատգամները` Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները նոր մակարդակի վրայ դնելու եւ հայրենադարձութեան ա՛լ աւելի թափ տալու ուղղութեամբ, ապա կը սպասէինք, որ անոնք երեւան ելլէին նաեւ գործով ու սփիւռքի հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու նկատմամբ համապատասխան վերաբերումով:

Մեր մտահոգութիւնը հրապարակելով` յոյս ունինք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կը մնայ յանձնառու համահայկական տեսլականին եւ սփիւռքի հետ իր յարաբերութիւնները կը դնէ ազգային քաղաքական օրակարգի վրայ` որպէս առանձին ուշադրութեան արժանի խնդիր եւ ոչ թէ` պետական երկրորդական մակարդակի կառոյցներու պատասխանատուութիւն:

Մոնթեվիտէօ, 24 դեկտեմբեր 2018

Ուրուկուէյի հայոց թեմի Կեդրոնական վարչութիւն
ՀՅԴ «Վռամեան» Կոմիտէ
Հայ օգնութեան միութիւն (ՀՕՄ)
Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւն (ՀՄԸՄ)
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւն
«Արմենիա» երիտասարդական միութիւն
ՀՅԴ Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբ
«Կոմիտաս» ռատիոժամ

 

 Յայտարարութիւն

Արժանթինի հայ համայնքի հաստատութիւններս (IARA) խոր մտահոգութեամբ` լրատուական միջոցներէ իմացանք սփիւռքի նախարարութիւնը լուծարելու եւ անոր աշխատակիցները գործէ արձակելու Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշման մասին:

Մեր նպատակը կառավարութեան որոշումները հարցականի տակ առնելը չէ, սակայն այն, ինչը կը վերաբերի այս որոշումին բովանդակութեան ու տրուած ձեւին, չի կրնար անտարբեր ձգել մեզ:

Անցնող տասը տարիներուն, ամէն պարագայի քննարկելի մարդկային բոլոր բացթողումներով հանդերձ, սփիւռքի նախարարութիւնը եղաւ հայրենիքի եւ սփիւռքի փոխյարաբերութիւնները համակարգող միակ պաշտօնական կառոյցը, որուն շնորհիւ իրականացուեցան արուեստի, կրթութեան, մտաւորական փոխանակումներու եւ բազմաթիւ այլ մշակութային ու ընկերային ոլորտներու պատկանող ծրագիրներ: Ի՛նչ ալ ըլլան սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան հանդէպ արդարացուած կամ չարդարացուած քննադատութիւնները, իտէալականը, ի պահանջել հարկին, այդ գործունէութեան վերատեսութիւնն ու բարեփոխումն էր, եւ ոչ թէ` կտրուկ կասեցումը:

Մեզ կը մտահոգէ նաեւ որոշումին տրուած ձեւը` երկու իմաստով. առաջին` սփիւռքի նախարարութեան լուծարումի որոշումին չէ նախորդած այլընտրանքի մը մասին լուրջ քննարկում մը, ընդ որում` հայրենիք-սփիւռք կապերու համակարգումի այլ կառոյցի մը հեռանկարը կը մնայ բացարձակապէս անորոշ: Երկրորդ` կը կարծենք, որ սխալ էր նման որոշումի մը կայացման համար բոլորովին անտեսել սփիւռքի համայնքները, չխորհրդակցիլ հոն գործող ու զանոնք ներկայացնող հաստատութիւններուն հետ: Եթէ անկեղծ էին թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք անոր ղեկավար դէմքերուն հրապարակային յայտարարութիւններն ու պատգամները` Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները նոր մակարդակի վրայ դնելու եւ հայրենադարձութեան առաւել եւս թափ տալու ուղղութեամբ, ապա կը սպասէինք, որ անոնք երեւան գային նաեւ գործով ու սփիւռքի հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու նկատմամբ համապատասխան վերաբերումով:

Հրապարակային կերպով արտայայտելով մեր մտահոգութիւնը կառավարութեան այս որոշումին մասին` մենք միշտ յոյսով կը մնանք, որ ի՛նչ ալ ըլլան հետագայ քայլերը, իշխանութիւնները կը մնան յանձնառու` համահայկական տեսլականին եւ սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները կը դնեն ազգային-քաղաքական օրակարգին վրայ որպէս ուշադրութեան արժանի առանձին խնդիր, ու ոչ թէ` պետական երկրորդական մակարդակի կառոյցներու պատասխանատուութիւն:

ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔ


Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. 120-ամեայ Շաղախ

$
0
0

Յիշատակելի անցեալ:

Կատարեալ ու կատարուող անցեալ մը, որ կը շարունակուի 1899-էն ի վեր:

Ժամանակին տարբեր էր թերթերու ցրւումը:

Անշուշտ, նախքան ցրւումը, ընդհանրապէս թերթի պատրաստութիւնը կար` սկսելով լուրի կամ յօդուածի մը գրութենէն, մինչեւ` տպագրութեան համար պատրաստուիլը, սրբագրուիլը, էջադրուիլն ու վերստին սրբագրուիլը… Եւ յաւարտ հետեւողական աշխատանքի` տպագրուիլն ու ի վերջոյ առաքուիլը: Այդ օրերուն յատուկ ցրուիչներ կը կատարէին առաքման այս տաժանակիր գործը:

Այլոց նման` այսպէս կը թխուէր այս իւրայատուկ խմորը` «Հայրենիք»-ը, որ երբ տուն հասնէր, առաջին ժամերուն այնքան հաճելի կը բուրէր, նոյնքան, որքան փուռէն նոր դուրս եկած հացը:

Քարոզչական բնագաւառին մէջ, այսօր, երբ բազմաթիւ «փուռեր»` տպարաններ եւ անոնց հետ գործող «փռապաններ» եւ այդ գործին կապակցութեամբ խմոր շաղողներ, հաց թխողներ եւ զանազան պաշտօնեաներ գործէ արձակուած են, «Հայրենիք»-ը մերթ տուայտանքով, մերթ երկմտանքով, սակայն միշտ ալ աննկուն կամքով կը շարունակէ շաղախել, հայ տան երդիքէն ներս մուտք գործել եւ մեսրոպաշունչ այբուբենի ներկայութիւնը յաւերժացնել:

Վիթխարի ալիքներով հարուածող համաշխարհայնացում կոչեցեալ ցունամիին դէմ կրցած է եւ դեռ ալ պիտի կարենայ պայքարիլ «Հայրենիք»-ը, որ կը շարունակէ տպուիլ` քայլ պահելով արշաւող արդիականացման հետ եւ, անշուշտ, օգտագործելով այս ընթացքին ընծայած  դիւրութիւնները:

Իւրայատուկ է թուղթին հոտը, յատկապէս երբ ան մրոտուած է հայերէն այբուբենով եւ հայորդին մտահոգող հարցերով:

Անշուշտ, ցրւումի գործելաձեւն ալ արդիականացած է, եւ արդէն իսկ տարիներէ ի վեր նամակատան հետ գործակցելով` նամակաբաշխն է, որ կը կատարէ ցրուիչի պաշտօնը:

Քայլ մըն ալ անդին երթալով, ելեկտրոնային ցրւումն ալ, կամ կարճ ու կտրուկ` ե-ցրւումն ալ կը կատարէ «Հայրենիք»-ը, թաքուն, անտեսանելի եւ աննկատելի ե-ցրուիչի միջոցով, շարունակ վերանորոգուող իր կայքէջին հետ գործակցելով:

Եթէ այսքանը հեզասահ կերպով կարելի է կատարել, սակայն կայ մետալին միւս կողմը, արդիականացած քարոզչական բնագաւառին քանդիչ մասը, առցանց ազատ ու անծայրածիր կարծուած, սակայն միեւնոյն ժամանակ անվարան խոտոր դաշտերը` Ֆէյսպուք, Թուիթըր, Ինսթակրամ եւ այլ… Դաշտեր, որոնք դժբախտաբար կ՛ողողուին մարախներով ու ցեցերով` շարունակ խառնելով մակարդակն ու կարկանդակը, ոսպն ու քարը:

Սակայն ամէնէն աւելի վտանգաւորն ու նեղացուցիչը այն է, թէ արդի քարոզչական առցանցային ոճն է, որ կը տիրապետէ թերթերու ելեկտրոնային էջերուն: Էջեր, որոնք աւելի կը դիտուին, քան թէ կը կարդացուին: Մէկ խօսքով,` անհատի մը վերապահուած ֆէյսպուքեան ոճ մը, որ կը քանդէ հաւաքական մտածողութիւնն ու կառոյցը:

Այսպիսի գաղափարական անելներու դէմ պայքարիլը շատ աւելի դժուար է, քան` թեքնիք արդիականացման ու համաշխարհայնացման դէմ: Շարունակ մատը ճիշդ վէրքին վրայ դնելով է, որ պիտի գործէ «Հայրենիք»-ը` իր 120-րդ տարուան ազդանշանի սեմին:

 

Խոհեր` Նոր Տարուան Առիթով

$
0
0

ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Իւրաքանչիւր տարուան աւարտին, պահ  մը կ՛առանձնանամ եւ Տիրոջը փառք տալէ ետք` անոր նախախնամութեամբ վայելած  բարիքներուս, ինծի եւ  ընտանիքիս շնորհած  պայմաններուն համար առաջին հայեացքս անմիջապէս կ՛երթայ  հայրենիքիս` նորանկախ Հայաստանին:

Երիտասարդ է տակաւին մեր նորանկախ  հայրենիքը եւ կ՛ապրի երիտասարդութեան  փուլը  նոր թեւակոխած  պատանիի մը տեսակաւոր   փորձառութիւնները: Ինչպէս ծնողք մը նախանձախնդիր  պիտի  ըլլար իր զաւկին ապագայով, իւրաքանչիւր հայ, սփիւռքի ո՛ր անկիւնն ալ  գտնուի, սեւեռակէտ պիտի   ունենայ հայրենիքին բարգաւաճումը:

Այս պահուս, բարեմաղթանքներս եւ  մտահոգութիւններս  միաձուլելով, երբ  կը  փորձեմ  թուղթին յանձնել միտքերս,  գուրգուրանքի եւ պարտականութեան  երկիւղածութիւն մը կը յառաջանայ մէջս:  Իւրաքանչիւրս որքա՞ն պատրաստ ենք մեր լուման տալու մեր հայրենիքի վերելքին: Արդեօ՞ք   միեւնոյն զգացումները կը բաժնենք եւ կամ կը գիտակցի՞նք մեր հայրենիքին դիմագրաւած  դժուարութիւններուն:

Իբրեւ սփիւռքի մէջ աչքերը  բացած տարագիր   հայ ընտանիքի զաւակ` պարտք կը զգամ այս պահուս ծանրանալ քանի մը կէտերու վրայ.

Պատմութեան ընթացքին մեր հայրենիքը   մնայուն կռուախնձոր դարձած է օտար պետութիւններու միջեւ: Կայսրութիւններ, թագաւորութիւններ  փորձած են իրենց տիրապետութեան տակ առնել   Հայաստանը, կրօնափոխ դարձնել անոր  ժողովուրդը, բնաջնջել եւ  քարտէսէն վերացնել Հայաստան անունը… Սակայն մենք վերապրած  ենք` շնորհիւ մեր հաւատքին եւ  մշակոյթին,  շնորհիւ մեր բազմահազար ազատամարտիկներու արեան:

Այսօր, շրջանային եւ միջազգային յարափոփոխ   զարգացումներուն մէջ, մեր հայրենիքը  դարձեալ  դիւանագիտական մրցակցութեան կռուախնձորի վերածուած է բեւեռացած ուժերու եւ պետութիւններու միջեւ: Իւրաքանչիւր   հայրենասէր հայորդիի նման` մաղթանքս է, որ  մեր  հայրենի նորընտրեալ ղեկավարութիւնը ճիշդ դասեր քաղէ անցեալէն եւ հայրենիքը առաւելագոյն կարելիութեան սահմաններուն մէջ զերծ պահէ տեսակաւոր մարտահրաւէրներէն եւ իւրաքանչիւր փուլին մեր նաւը  անվնաս  հասցնէ  խաղաղութեան քարափ:

Այսօր, քաղաքական, դիւանագիտական եւ ռազմական մրցավազքին մէջ իւրաքանչիւր հայ, ուր ալ գտնուի ան, կը պայքարի միջազգային   ճանաչում ապահովելու Արցախի Հանրապետութեան: Բազմաչարչար  արցախահայութիւնը եւ համայն հայ ժողովուրդը  կը  մերժեն ժամացոյցի սլաքներուն ետդարձը: Արցախը այսօր իր հայորդիներուն արեամբ անկախութիւն եւ ազատութիւն նուաճած   պետականութիւն է:  Ինքնորոշման իրաւունքը  նահատակներու արեամբ նուաճած  արցախահայութեան  համար, ի գին նահատակութեան, անընդունելի է Ազրպէյճանի  կազմին մէջ վերադառնալը:

Միւս  կողմէ, որքան ալ հպարտանամ նորանկախ հայրենիքի նուաճումներով,   բազմաթիւ  հարցականներ կը  ծագին մէջս:   Նախանձախնդիր  կը մնամ ժողովրդավար, բարգաւաճ եւ  օրէնքի վրայ հիմնուած արդիական հայրենիք մը  կերտելու ճիգերուն:

Մշակոյթի վերածուած փտածութիւնը, կաշառակերութիւնը, ստուերային տնտեսութիւնը   անյարիր եւ խորթ կը մնան մեր ժողովուրդի բարքերուն: Ժողովրդավար, ընկերային  արդարութեան վրայ հիմնուած հասարակապետութիւն մը միայն պիտի երաշխաւորէ  միջազգային ընտանիքին մէջ մեր հայրենիքին վարկն ու հեղինակութիւնը:

Վերջապէս, իմ չորրորդ եւ սրտագին փափաքս է`  հպարտանալ մեր հայրենիքով, չխնայել  ու չսակարկել այն  բոլորը, որոնք կարելի է   տալ անոր  տնտեսական վերելքին:  Այս իմաստով,   բազմաթիւ  հայորդիներու  համար  առայժմ  անորոշ կը մնայ Հայաստանի  իշխանութիւններուն տնտեսական  քաղաքականութիւնը: Նպաստները, ցած տոկոսներով  վարկերը աննպատակ եւ յումպէտս կրնան վատնուիլ տնտեսական ծրագիրներու բացակայութեան: Անհրաժեշտ է նաեւ  բարեկարգել դրամատնային համակարգը` նուազագոյն տոկոսներով վարկեր  տրամադրել  քաղաքացիներուն, որպէսզի վերականգնի  յատկապէս գիւղատնտեսութիւնը, օրինակ:

Բարգաւաճ եւ  զարգացած Հայաստանը  տունն է  մեր  բոլորին: Կոչ կ՛ուղղեմ, առանց սակարկութեան, տնտեսական զանազան  նախաձեռնութիւններով  օգնութեան  ձեռք  մեկնել   մեր հայրենիքին: Սփիւռքը կամ օտարութիւնը  չի դառնար հայրենիք, որովհետեւ սփիւռքի մէջ ուշ կամ կանուխ դատապարտուած ենք ձուլման: Հայրենիքի մէջ միայն երաշխաւորուած է մեր շարունակականութիւնը, հայապահպանութիւնը, հետեւաբար  միջոցներու մէջ ընտրութիւն  չփնտռենք, իւրաքանչիւրս կարելիութեան սահմանին մէջ նեցուկ կենանք, մեր նպաստը բերենք մեր հայրենիքին:

Այս իմաստով, անցնող ամրան նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկայ` աշխարհացրիւ հայրենակիցներէս խնդրելով   քաջալերել «Գնեցէք Հայաստանէն»  SHOP IN ARMENIA նախաձեռնութիւնը: Ծրագիրիս լայնօրէն անդրադարձաւ հայկական մամուլը` սփիւռք եւ հայրենիք: Նախանձախնդիր կը մնամ  ծրագիրիս նման այլեւայլ   նախաձեռնութիւններու  յաջողութեան:

Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծնունդի սեմին լաւագոյն  բարեմաղթութիւններս` համայն  հայ  ժողովուրդին:

Քուէյթ

Կաղա՛նդ Պապիկ, Պարկիդ Մէջ Հայոց Նուէրին Համար Տեղ Մը Ունի՞ս

$
0
0

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Անկախ իր տարիքէն` մարդը միշտ հրաշքներուն կը հաւատար, եւ այդ սովորութեան հարազատ արտայայտութիւններէն է ամանորեան շրջանը: Ամէն տարի, դեկտեմբերի վերջաւորութեան կ՛երազենք, որ Նոր տարին նախորդէն աւելի բարեբեր եւ շնորհալի ըլլայ: Պէտք է խոստովանինք, որ մարդ արարածներ ըլլալով` մեր փափաքներուն եւ երազներուն մեծ մասը նիւթական բարիքներուն հետ աղերս ունի: Մանուկները խաղալիքներու տեսքով նուէրներ կը սպասեն Կաղանդ պապուկէն, մինչ այդ մեծերս դրամներուն, ինքնաշարժներուն, հագուստներուն եւ ասոնց պէս տեսակ-տեսակ փայլք տուող, այլ ժամանակաւոր եւ խաբուսիկ երազներով կը տարուինք:

Մարդ ըլլալէ բացի, Աստուծոյ կամքով, իւրաքանչիւր անհատ նաեւ ազգի մը ներկայացուցիչ կը հանդիսանայ: Արդարեւ, ես` իբրեւ հայ, նիւթական բոլոր փափաքներէս զատ, Կաղանդ պապուկէն պիտի խնդրեմ, որ իմաստութիւն բերէ իմ ազգիս: Անշուշտ ուրիշ ոչ նուազ կարեւոր մաղթանքներ կան` խաղաղութիւն, յառաջդիմութիւն, բարգաւաճում եւ այլն, սակայն անոնց նախապայմանը իմաստութիւն է: Շատոնց ազգովին կորսնցուցինք այս ազնիւ յատկանիշը, ինչ որ պատճառ դարձաւ մեր բազմաթիւ խնդիրներուն: Արդէն վարժուեցանք մեր բոլոր տագնապները եւ մարտահրաւէրները մեզ շրջապատող պայմաններուն եւ մեր թշնամիներուն հետ առնչելու, մեզմէ պատասխանատուութիւնը թօթափելու եւ ձախողութեանց պատճառը համաշխարհայնացման եւ ապազգայնացման վերագրելու, սակայն կը մոռնանք, որ իւրաքանչիւր ազգի ճակատագիրը իրմէ կախեալ է, ինքը կ՛որոշէ` գոյատեւե՞լ, թէ՞ կորսուիլ, յառաջդիմե՞լ, թէ՞ տեղքայլի մէջ մնալ:

Տօնական այս օրերուն ես կը խնդրեմ, որ Կաղանդ պապուկին բերելիք իմաստութիւնը պարուրէ հայ ազգի զաւակներուն հոգիները, որպէսզի դադրինք ուրիշ տեղ մեր բախտ փնտռելէ, այլ մեր ուժին եւ մեր կարողութեանց հաւատք ընծայենք, որպէսզի դադրինք օրհասական պահուն միայն միասնականութիւն ցոյց տուող ազգ ըլլալէ, այլ միասնութիւնը դարձնենք մեր ազգային մնայուն առանձնայատկութիւն, որպէսզի դադրի հայը հայուն հակադրուելու, հայը հայուն երթը խանգարելու, ծրագիրները խափանելու եւ կերտուածը քանդելու ամօթալի սովորութիւնը, եւ սկսի հայը հայուն ձեռք երկարելու, միասին շէնցնելու, ուս ուսի ստեղծագործելու նոր դարաշրջան: Կ՛երազեմ, որ պարգեւելիք իմաստութիւնը վերջ դնէ նեղմիտ եւ անձնական շահերով առաջնորդուելու սովորութեան եւ ընդհանրական օգտին առաջադրանքը ճամբան կը բանայ դէպի համազգային վերանորոգման: Կը հաւատամ, որ իմաստութեամբ միայն մեր ազգային հարցերը եւ տագնապները կրնան իրենց բարւոք լուծումներ գտնել:

Դարերէ ի վեր կը սպասենք այս թանկագին նուէրին, սակայն դարձեա՛լ չկայ ու չկայ տակաւին: Մի՛ խաբուիր, յարգելի՛ ընթերցող, իմ ուզած իմաստութիւնը օտար ազգերէ փոխ առնուելու եւ բերուելու չէ, այլ մեր նախնիներէն ժառանգուած, սակայն մեր իսկ ձեռքով փախցուցած` Տիգրաններուն եւ Արտաշէսներուն իմաստութիւնը: Հետեւաբար, Կաղա՛նդ պապիկ, քեզի կը դիմեմ, պարկիդ մէջ հայոց նուէրին համար տեղ մը ունի՞ս:

 

 

«Ես Ոչ Մէկի Անունը Չեմ Տալիս, Բայց Ինչ-որ Բան, Ինչ` Որ Տեղ Սխալ Է». Ուիլիըմ Սարոյեան

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ

Սարոյեանի պէս մի մեծութիւն, քաջ գիտենալով այդ սխալների պատասխանատուներին, նախընտրեց առանց անուններ մատնանշելու  դատապարտել նրանց արարքները: Այդ արարքներից  ամենաչարագոյնը համարեց` պատերազմն ու սպանդը, աղքատութիւնն ու տեղահանութիւնը, տգիտութիւնը, անտարբերութիւնն ու բռնութիւնը, ժողովուրդների ու մարդկային ստրկացումը, անարդարութիւնն ու իրաւունքների ոտնահարումը, որն արարում էին մեծ պետութիւնները` առանց հաշուետու լինելու, առանց դատապարտուելու:  Այդ ամէնը նա դատապարտեց միախառնելով իր` սարոյեանական իւրայատուկ բարութեան պատգամով:

Ցաւօք, այդ պատգամները ոչ միայն տեղ չհասան, այլ կարծես աւելի խորացրին թուարկած սխալները, որի բարդոյթում այսօր ողջ աշխարհն է փոթորկուել, իր դիմագիծը կորցրել: Ինչպէս տեսնում էք, անուն տալու հարկ չկայ այլեւս, քանզի սխալները դատապարտողներ չկան: Ամէն ինչ բացայայտ է արւում, եւ ցաւալի իրականութեամբ  սխալն ամէնուր է, իսկ անուն տուողին կա՛մ պատժում, կա՛մ վերացնում են: Ահա այս մթնոլորտում ենք հրաժեշտ տալիս արդէն ապրուած տարուն, նոյն սխալներով եւ լռութեամբ, թեւակոխելով մի նոր թուական: Թէ ինչպիսի՞ գնահատանք կը ստանայ հին տարին մարդկութեան պատմագիտութեան մէջ, պարզ է բոլորիս, քանզի գիտակ ենք նախորդ տարիների արդիւնքին: Ցաւալին այն է, որ ոչ միայն անցեալի իրականութիւնն է աղաւաղուած, այլ նաեւ` ներկայի:

Արեւմուտքի տիրակալների շահերի համար աշխարհի տարբեր երկրներում գործադրուող քայքայիչ պատերազմները մարդկութեանը ընտելացրել են սպանդին ու տեղահանութիւններին, սովին ու համաճարակներին: Նայեցէք ձեր շուրջ եւ կը համոզուէք, թէ ի՛նչ թշուառութեան մէջ մխրճուած աշխարհը դիմաւորում է 21-րդ դարի գալիք 2019 թուականը:

Տարիներէ ի վեր արդէն Եմէնը պատերազմի մէջ է: Այդ աղքատիկ, սովամահութեամբ, համաճարակով խեղդուող ժողովուրդը թէեւ չի յանձնւում, բայց կանգնած է իսպառ ոչնչացման առջեւ, եւ ոչ մէկը չի միջամտում` կասեցնելու այդ կործանումը: Եւ դա արւում է մարդկութեանը յայտնի 20-րդ դարի առաջին եւ նմանը չունեցող Հայոց ցեղասպանութիւնից ընդամէնը մէկ դար անց, առաջադէմ հռչակուած 21-րդ դարում, երբ մենք դեռ սպասում ենք, որ մեր Ցեղասպանութիւնը դատապարտեն:

Մէկ այլ փայլուն օրինակ է Սուրիան, որից միայն փլատակ է մնացել: Աֆղանստանը, Պաղեստինը, Իրաքը, ափրիկեան երկրները, ո՞ր մէկը թուել:

Տեղահան եղած ժողովուրդները` Սուրիա, Միանմարի ռոհինկաներ, Վենեզուելա, Հոնտուրաս, Լիպիա եւ այլուր, չգիտեն` ո՛ւր փախչեն սպանդից ու սովամահութիւնից: Դարձել են մերժուած, ատելի տարրեր` իրենց երկրները ոչնչացնող, իրենց այդ վիճակին մատնած ժողովրդների համար: Ստիպուած` բաց երկնքի տակ անապատները, ճանապարհներն ու անտառներն են դարձրել իրենց բզկտուած ընտանիքների «օթեւան» կոչեցեալը, զուրկ` մարդկային բնական ամենահասարակ կարիքներից: Եւ սա 21-րդ դարասկզբին է, երբ մարդկութիւնը ցնծութեամբ է դիմաւորում ելեկտրոնային սարքերի ամէնօրեայ իւրաքանչիւր յայտնագործութիւն, երբ գիտութիւնը նորանոր նուաճումներ է արձանագրում:

Մնում է եզրակացնել, որ գիտութիւնը աճում է մարդկութեան թշուառութեան հաշուին:

Ճիշդ է, որ դեռ ապրուելիք օրեր ունենք առջեւում մինչեւ տարեվերջ, եւ դեռ կանուխ է տարին ամփոփելու, սակայն պարտադրուող արագընթաց միջավայրը, ինչպէս ամէն ինչում, ստիպում է ժամանակից շուտ գործել, ծրագրել, գրել, այդպէս էլ տարին աւարտելու պարագային է: Եւ քանի որ կանխատեսումներով ենք ապրում, դրանք իրականութեան վերածում, ուստի կարող եմ հրաժեշտ տալ աշխարհի եւ նաեւ մեզ համար բաւական փոթորկալից դարձած 2018 թուականին:

Եթէ այս համեմատութեամբ ընդունենք մեր երկրի անցած տարին, պիտի արժեւորենք այն ամէնը, որով փակում ենք հին տարուայ էջը:

Վերջապէս աւարտուած են նաեւ մեր երկրի խորհրդարանական ընտրութիւնները. բնականաբար, ինչպէս միշտ, մեծամասնութիւնը շահած է ժողովրդին առաջնորդող, ժողովրդին իր կամքը թելադրող կուսակցութիւնը, եւ յուսանք, որ ցանկալի յաջողութեամբ աւարտուած այս թոհ ու բոհը կը մաքրի երկրում ստեղծուած թունաւոր ատելութեան, թմբուկների, վայրագ գոչումների, միմեանց յօշոտելու, ջղագարութեան ալիքը:

Եւ ուրեմն նոր վարչակարգով, միադէմ խորհրդարանով, ժողովրդին ընդունելի վարչապետով սկսելու  ենք մի նոր թուական` նոր սպասելիքներով, նոր յոյսերով, որ գոնէ այս անգամ հին սխալները վերլուծելով, այդ սխալներից դաս առնելով, ամենատարբեր կարծիքներում իսկ իրար հանդուրժելով` աւելի արդար միջոցներով նորը կերտելու հեռանկարով աշխատենք:

Հարցը, սակայն, արդեօք միայն նորի՞, վարչապետի յաղթանակի մէ՞ջ է, թէ՞ բազում հին սխալների, կիսաւարտ ազգադաւ որոշումների վերջնական ուղղման, ազգային շահերն ու պահանջները օրէնքի հիմք դարձնելու, երկրում իր արմատները ամրակայած ատելութեան, քայքայիչ սովորութիւնների ու մտայնութեան վերացման, օտարամոլ, անընդունելի բարքերի դէմ պայքարի, ժողովրդի մտածողութեան ու հասարակական յարաբերութեան նոր մակարդակի բարձրացման համար տարուող աշխատանքի, հասարակութեան միտքը կրթելու, հասարակական հնչեղութիւն ունեցող հարցերը անկողմնակալ, առանց ատելութիւն ներարկելով բարձրացնելու եւ դրանց լուծումներին հասնելու աշխատանքի մէջ է:

Անցած տարին, ինչպէս` տարբեր մեծ երկրներում, այդպէս էլ յատկապէս մեր երկրում բացայայտեց այնպիսի յանցագործութիւններ իշխող վերնախաւի ներկայացուցիչների մօտ, որ անհամատեղելի էր սովորական մարդկային մտածողութեանը:

Միաժամանակ բացայայտեց նաեւ բարձրագոյն նոր օրէնսդիր մարմինների հին մեթոտներով` կառավարութեան միջամտութեամբ ու համաձայնութեամբ, անցանկալի մարդկանց դէմ մեղադրանքների պատժելիութեան միջոցներ ձեռնարկելու գաղտնի խօսակցութիւնները, աւելորդ անգամ շեշտելով ոչ միայն հնի իշխանութիւնը, այլ,  ամենակարեւորը, ինչպէս ամէնուրեք, մեր երկրում նոյնպէս, իշխանութեան իւրաքանչիւր քայլը այլեւս թաքցնել հնարաւոր չէ: Թէեւ այլ հարց է, թէ իշխանութիւնները որքա՞ն կարեւորութիւն են տալիս այդ բացայայտումներին:

Մի կողմից հասարակական փտածութեան բացայայտումն ու խստագոյն դատապարտումը, դրա վերացման դէմ պայքարի գործադրումը, միւս կողմից` այդ գործադրման իրականացումը հին միջոցներով, ոչ միայն խախտում է ժողովրդի վստահութիւնը, այլ ստուերում է նաեւ հռչակուած յեղափոխութեան իմաստը: Ինձ չկրկնելու համար պարզապէս ուզում եմ յիշեցնել, որ մենք երկրորդ նախագահից առաջ եւ յետոյ երկու այլ նախագահներ ենք ունեցել, որոնք նոյնքան պատասխանատու են օրէնքի եւ մեր ժողովրդի առաջ, որքան` պատասխանատուութեան ենթարկուող երկրորդ նախագահը:

Յուսանք` այս նոր տարում աւելի լուրջ, իսկապէս անկողմնակալ եւ հնարաւորինս արդար հիմքերի վրայ կը դրուեն մեր օրէնսդիր մարմինների գործունէութիւնը, որից եւ կախուած է մեր ժողովրդի կապն ու վստահութիւնը ոչ միայն գործող իշխանութեան, այլ նաեւ, ամենակարեւորը, իր երկրի հանդէպ: Մարդիկ կապւում են այն երկրին, ուր օրէնքի ուժն է գործում, ուր մարդկանց իրաւունքները պաշտպանուած են օրէնքով:

Մեր քաղաքական եւ ընկերային անվերջ անհանգիստ, անբաւարար, իրար դէմ որոգայթ լարող իրավիճակները մինչեւ օրս ժողովրդին մեկուսացրել են իր իսկ անցած ճանապարհի, իր դժուարութեամբ կերտած պատմութեան իրական իմացութիւնից, որի արդիւնքում ժողովուրդը հեշտօրէն յարմարւում է նոր իրավիճակներին, մոռացութեան մատնում իր կրած տառապանքը, դառնում է քաղաքական անգիտութեան զոհ, որին կարելի է ամէն առիթով իրար դէմ լարել, կարելի է ցանկացած քարոզչութեան հետեւորդ դարձնելով` ամբոխի վերածել:

Անցնող տարում լրացաւ մեր երկրի առաջին անկախութեան 100-ամեակը, անկախութիւն, որը ստեղծուեց փլատակների, համատարած չքաւորութեան, պատերազմների, կորուստների մէջ, ժողովրդի անսահման նուիրումի ու զոհողութեան շնորհիւ: Այդ անձեւ քաոսը երկրի վերածեց եւ ղեկավարեց երկրից դուրս լաւագոյն համալսարաններում բարձրագոյն կրթութիւն ստացած ու յղկուած, պատկառելի նուիրեալների մի խումբ, որ անձնազոհ, անշահախնդիր աշխատանքի շնորհիւ` մեր բզկտուած երկիրը ճանաչուեց ու հաստատեց իր գոյութիւնը եւ դեռ շարունակում է գոյատեւել:

Սակայն սամումի արագութեամբ ներխուժած  մերկ ու սոված պոլշեւիկների վոհմակը զարմանալի արագութեամբ քերեց, ոչնչացրեց, ստայօդ քարոզներով այնպէս խեղաթիւրեց մեր երկրի այդ էջը, դրա հետ նաեւ` ժողովրդի դիմագիծը, այնպիսի ատելութիւն սրսկեց այդ փոքրիկ հողակտորը երկրի վերածողների հանդէպ, որ մինչ այսօր իր երկրի վրայ ապրող ժողովուրդը ոչ միայն անտեղեակ է իրեն երկիր պարգեւածների անուններից, նրանց կենսագրութիւնից, նրանց ներդրածից ու նրանց կտակածից, այլեւ շարունակուող ատելութեամբ է լեցուած այդ հրաշակերտ հարստութիւնը` հայրենի հող կոչուածը իրենց պարգեւողների դէմ, յանձինս ՀՅԴ-ին: Դրա վառ ապացոյցներից էր նաեւ մեր երկրորդ անկախութեան կերտումը, որն անուանեցին 3-րդը` դրանով չէզոքացնելով, կրկնակի անգամ ջնջելով առաջինը ստեղծողների ներդրումը: Պիտի մտածել, որ խորհրդայինների իշխանութեան օրօք անկախ ենք եղել ու չենք իմացել եւ կրկնակի անգամ ցանկացել ենք անկախանալ:

Իսկապէս, երբ ժողովուրդը անգիտակ է իր պատմութիւնից, նրան կարելի է հեշտօրէն յիմարացնել: Իսկ ամենացաւալին այն է, որ նոյնիսկ սփիւռքի մամուլը ընդունեց այդ տգէտ բարբաջանքը` մեր երկրորդ անկախութիւնը համարելով երրորդը, որը դեռ շարունակւում է շրջանառել: Զարմանալի չի լինի, եթէ այսօրուան իշխանութիւնն էլ, որն իրեն անուանում է յեղափոխական, այն համարակալեն որպէս 4-րդ անկախութիւն:

Անցնող 100-ամեակը մեզ պարտադրում է գործուած բազում սխալների շարքում այս գալիք տարում ուղղել նաեւ ամենակարեւորը` ժողովրդին երկիր ձեւաւորած իշխանութեան պատմութեան ուսումնասիրումն ու դրա ճիշդ ընկալումը, հետեւաբար նաեւ այդ կուսակցութեան` ՀՅԴ-ի պատմութիւնը, որն առաջնորդեց վհատուած հայութեան իր անկախութիւնը ստեղծելու: Ոեւէ ժողովուրդ պիտի երազէր ունենալ ՀՅԴ-ի հաւասար մի կուսակցութիւն, որն առանց պետականութեան, առանց օտար երկրների օժանդակութեան, աւելի՛ն, նրանց հալածանքների տակ, 128 դժնդակ տարիներ համատարած չկամութեան մէջ ոչ միայն մնաց իր ժողովրդի կողքին, այլեւ առաջնորդում է նրան մինչեւ օրս: Ցաւալի եւ բոլորին յայտնի իրականութիւն է այսօր, որ իր երկրում ԼՏՊ-ի կողմից ստեղծուած ատելութիւնը այդ կուսակցութեան հանդէպ, որը յատուկ միտումով արուեց, որ երկրից վերացուի ազգային ջիղը, որ երկրի առուծախին խանգարիչ ուժ չլինի, շարունակւում է առ այսօր` տիրապետող դառնալով յատկապէս չորրորդ իշխանութեան պարունակում: Ինչպէս էլ որակաւորենք ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը երկրում, այսօր ցաւալի փաստ է, ոչնչով արդարացուող, խստագոյնս մեղադրուող, որ առաջին անգամ իր երկրում, իր ժողովրդի կողմից մերժուեց իր դէմ տարուող ատելութեան եւ տիրող բացասական քարոզարշաւի շնորհիւ, իր տեղը զիջելով երէկուայ պատահական ծիլ տուած կազմակերպութիւններին: (Մերժում եմ նրանց անուանել կուսակցութիւն, քանզի կուսակցութիւն կոչուելու համար տարիների երկար գործունէութեան ճանապարհ պէտք է անցնել, որը չունեն այսօրուան, երկրի ճակատագիրը որոշող խորհրդարանի ինքնակոչ խմբակցութիւնները):

Յուսանք, որ ծանրագոյն հարուածներից միշտ էլ իր ողջ պատկառանքով ամուր կանգնած համասփիւռ հայութեան առաջնորդող ՀՅԴ-ն, առաջին հերթին ընդունելով, ապա վերանայելով եւ ուղղելով թոյլ տուած սխալները, նոր աւիւնով կը շարունակի իր գործունէութիւնը` հարազատ մնալով 128-ամեայ իր փորձուած սկզբունքներին, ի փառս հայութեան ամբողջական պահպանման ու յարատեւման:

Սակայն այս պահին մեր ազգի հրատապ եւ հիմնական ծրագիրը Արցախի անձեռնմխելիութեան պահպանումն ու վերջնական լուծում տալը, այն կրկին Հայաստանի կազմում ընդգրկելն է: Այս հարցում մեր ժողովուրդը կարիք ունի քաղաքական կրթութեան, որը երբեք չունեցաւ նոյնիսկ երկրորդ անկախութիւնից յետոյ առ այսօր, որի արդիւնքում Արցախը կանգնեցրին վտանգաւոր զիջումների առջեւ:

Ժողովուրդներին միայն ընկերային հարցերով զբաղեցնելը, նրանց տրամադրելը իրենց հարստահարողների դէմ` քաղաքական հարցերը գաղտնօրէն լուծելու հին միջոց է, որին պէտք է վերջ տրուի:

Մեր նոր վարչապետը իր «յեղափոխութեան» հռչակագրում երբեք վերջնականօրէն չանդրադարձաւ Արցախի անձեռնմխելիութեան հարցին, միայն շեշտեց արցախցիների որոշման կարեւորութիւնը բանակցութիւններում` քաջ գիտենալով, որ պետութիւնները իրենց շահերը չեն հիմնում ժողովրդների ցանկութիւնների վրայ: Իսկ ամենահիմնականը` երբեք չդատապարտեց Արցախը բանակցութիւնների հարց դարձրած այն անձանց, ովքեր յաղթանակած երկիրը յանձնեցին գիշատիչ բանակցողների հայեցողութեանը:

Մեր նման փոքրաթիւ եւ անկայուն վիճակում գտնուող, յատկապէս դարերով օտարի հետ յոյս կապող, օտարամոլ մի ժողովուրդ պարտաւոր է քաղաքական լուրջ պատրաստուածութիւն ունենալու իր դէմ լարուող թակարդների հոտառութիւնը զգալու, մեծ պետութիւնների «բարեկամական» առաջարկների գաղտնագիրը հասկանալու, ամենակարեւորը` գործած սխալներից դաս առնելու, որ 100 տարի յետոյ կրկին, աշխարհաքաղաքական շահերի նոր զոհ դառնալով, տարածքների եւ իրաւունքների կորուստներ չունենանք: Յատկապէս հիմա, երբ մեր վարչապետի ծրագրում կայ նաեւ առանց նախապայմանի Թուրքիոյ հետ սահմանային մերձեցումը, որին անհամբերութեամբ, առանց կործանիչ հետեւանքները տեսնելու` սպասում է մեր ժողովուրդը, եւ որը աւելի հրատապ է դարձնում նշածս քաղաքական պատրաստուածութիւնը:

Դրա բացակայութեան փայլուն օրինակներից էր անցնող տարում անգլիացի յայտնի երգիչ Էլթըն Ճոնի միասեռականութեան քարոզչութեան թոյլատրումը, այն էլ` պատանիների շրջանում, ընդամէնը մի քանի հարիւր լսողական գործիքներ նուիրաբերելու պատրուակի տակ: Մենք տասնեակ կամ հարիւրաւոր միլիոններով ժողովուրդ չենք, որ անտարբեր մօտենանք մեր այլասերուող մի քանի հազարների հանդէպ: Մեր իւրաքանչիւր մասնիկ հաշուի մէջ է, պէտք է զգուշ լինենք ոչ միայն պահպանելու այդ իւրաքանչիւր մասնիկը, այլ հիմնաւոր կրթութիւն տալով` իրենք դիմադրեն, մերժեն ի վնաս սեփական ապագայի հանդէպ տարուող իւրաքանչիւր քարոզչութիւն, մինչեւ իսկ` սեփական իշխանութիւնից կամ աշխարհահռչակ հեղինակութիւններից եկող: Այս հարցում բաւական մեծ աշխատանք ունեն տանելու մեր կրթական հաստատութիւններն ու հասարակական կազմակերպութիւնները:

Այլասերուելու քարոզչութեամբ զբաղուելու փոխարէն` պարտաւոր ենք մեր երկրի բնապահպանման արժէքները քարոզել, մեր սակաւ գետերն ու լճերը, անտառները, գործարանների, հանքերի վնասակար թափօններից պաշտպանել, մեքենաների հեղեղ դարձած Երեւանի թունաւորուած օդի մաքրման միջոցների մասին մտածել ու բարելաւման օրէնքներ որդեգրել: Մեր անչափ փոքրիկ երկրի արժէքաւոր սակաւ հանքերի շահագործումը օտարների ճանկերից փրկել ու կրճատել: Միշտ յիշենք, որ մեզանով չի աւարտւում երկիրը, դեռ գալիք սերունդներ ունենք, որոնք նոյնպէս իրաւունք ունեն օգտուել հայրենի հողի հարստութիւններից:

Անցնող տարում մեր ժողովուրդը հպարտօրէն հիւրընկալեց Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային գիտաժողովի մասնակիցներին: Հետաքրքիր մի զուգադիպութեամբ մենք յայտնուեցինք մի իրավիճակում, երբ մեր երկրում Ֆրանսայի նախագահը քարոզում էր ֆրանսերէնի անհրաժեշտութիւնն ու տարածումը, այն դէպքում, երբ մօտ 200 երկրներ են խօսում այդ լեզուով: Մինչդեռ, ի հակադրութիւն այդքան տարածուած ֆրանսերէնի, մենք մեր երկրում նոյն այդ պահին արհամարհեցինք մեր լեզուն: Դրա փայլուն օրինակն էր մեր վարչապետի ֆրանսերէնով ելոյթը, որը հպարտութիւն ու հիացում պարգեւեց տեղի հայութեան, երբ մեր հազարամեայ պատմութիւնը պարտադրում է մեզ` որպէս դեռ գոյատեւող եւ ստեղծարար ժողովուրդի, հպարտօրէն հնչեցնել մեր լեզուն: Սփիւռքի ողջ տարածքում մենք կոտորում ենք մեր երեխաներին, որ հայերէն խօսեն օտար լեզուների խառնարանում, երբ նրանք տիրապետում են մի քանի լեզուների, իսկ մեր երկրում զլանում ենք մեր սեփական լեզուն հնչեցնելու եւ դեռ պարծենում, որ օտարի լեզուին ենք տիրապետում: Մենք երկրներ չունենք մեր իշխանութեան տակ` նրանց մեր լեզուն պարտադրելու, իսկ իր երկրից դուրս ցրուած հայութեանը պարտադրւում է տեղական լեզուն: Ուրեմն մեր լեզուի միակ պահպանման կենտրոնը մեր երկիրն է, եւ մենք պարտաւոր ենք, վարչապետից սկսած, իւրաքանչիւր անհատ, սովորելու եւ օգտագործելու իր լեզուն, մինչեւ իսկ` միջազգային ամպիոններից: Իսկ այսօր մենք դեռ ականատեսն ու վկան ենք մեր լեզուի աղաւաղմանը մեր իշխանութեան բարձրագոյն օրկաններում: Օտար լեզուներ տիրապետելուց եւ դրանցով հպարտանալուց առաջ, ազգային պարտաւորուածութիւն է յղկուած եւ հարուստ բառապաշարով հայերէնի իմացութիւնը: Բաւական է այլեւս մեր ականջները սղոցեն` կոռուպցիա, դիսբալանս, կոնկրէտ, դէ ֆակտօ, կոնսոլիդացուած, ադեկվատ եւ այլ բառերով (շարքն այնքան երկար է, որ մէկ գրութեան մէջ իսկ չի տեղաւորուելու), որն oրէ օր մոլախոտի արագութեամբ տարածւում ու ոչնչացնում է մեր լեզուն:

Մենք նոյնքան մեծ աշխատանք ունենք տանելու մեր երկրում տարածուած ընտանեկան եւ սեռային բռնութիւնները վերացնելու հարցում, որը նոյնպէս ժողովրդի, հասարակութեան կրթութեան մակարդակի բարձրացումով, օրէնքի առջեւ պատասխանատուութեան հետեւողական աշխատանքով է լինելու, բայց ամէնից առաջ լրջօրէն քննարկուելու եւ հասարակութեան բաց լսարանին ներկայացնելն է:

Մինչ աշխարհում տարածուած եւ արդէն անընդունելի չափերի հասած այս ախտը, որը նոյնիսկ դարձաւ անցնող տարուայ Նոպելեան մրցանակի նիւթ, որով պարգեւատրուեցին սեռային բռնութեան զոհ Նատիա Մուրատը եւ այդ բռնութեան հարիւրաւոր զոհերին բուժող Տենիս Մուկուիճը, մեր երկրում ամէն կերպ դեռ շարունակում են կոծկել եւ անպատիժ թողնել:

Անշուշտ այս հարցին անդրադառնալու եմ յատուկ յօդուածով, սակայն այսօր տարեվերջի ամփոփման մէջ այդ էլ ընդգրկեցի որպէս գալիք տարուայ մեր ժողովրդի կրթութեան հրատապ անհրաժեշտութիւն:

Վստահ եմ` անցնող տարում ինձ հետ նաեւ շատերդ զգացիք, թէ մենք որքա՛ն ազգային պաշտօնական արարողութիւնների աւանդութեան պակաս եւ յղկուելու կարիք ունենք, յատկապէս` մեր իշխանութեան ներկայացուցիչները:

Մենք ազգովին զարկ ենք տուել կերուխումին, եկեղեցական արարողութիւններին եւ աչքաթող ենք արել ազգային պաշտօնական արարողութիւնները, իսկ ժամանակի հրամայականը թելադրում է մեզ, թէեւ ուշացումով, սկսել մշակել նաեւ դա` որպէս հին եւ բարձրագոյն մշակոյթ ստեղծած ազգ:

Տարեվերջի իմ այս ամփոփումի մէջ ուզում եմ յիշեցնել, որ եկող տարին առաւել դժուար է լինելու մեր երկրի համար, քանզի նոր վարչակարգով յայտնուել ենք մեծ տէրութիւնների նոր շահերի խաչմերուկում, ուր արդէն սկիզբ առած մեզ պարտադրուող նոր պահանջները ի վնաս մեր հետագայ գոյութեանն են գործելու:

Ուրեմն ազգովին կենտրոնանանք մեր դէմ ծառացած ներքին եւ արտաքին խնդիրները միասնական համատեղութեամբ, փոխադարձ յարգանքով ու ըմբռնումով լուծելու, հին սխալներն ընդունելով եւ ուղղելով` մեր երկիրը դարձնենք համայն հայութեան իրաւունքի պաշտպան, մեր ապագայ սերունդների մշտական բնօրրան:

15 դեկտեմբեր 2018

Շնորհաւորական Նամակ` Սփիւռքի Նախարարի Պաշտօնակատարէն

$
0
0

«Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին

Ջերմօրէն շնորհաւորում ենք Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի տօների առթիւ եւ մաղթում, որ 2019 թուականը լինի սիրոյ, միասնութեան, ձեռքբերումների եւ յաղթանակների տարի:

2018 թուականը յատկանշական էր հայ ժողովրդի պատմութեան մէջ թաւշեայ, ոչ բռնի յեղափոխութեան իրագործումով, որը, վստահ եմ, նոր էջ բացեց աշխարհասփիւռ հայութեան կեանքում: Այն պատմական հնարաւորութիւն է նորովի վերանայելու, արժեւորելու եւ հզօրացնելու սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները:

Անցնող տարին կարեւոր էր իւրաքանչիւրիս կեանքում: Այն մեզ նոր յոյս, միաժամանակ վճռականութիւն ու ինքնավստահութիւն տուեց` հաւատալու, որ մենք կարող ենք փոխել մեր ներկան, ստեղծել նոր իրականութիւն, պաշտպանել մեզ ու մեր երկիրը, աշխարհի որ ծայրում էլ որ լինենք:

Տարին ամփոփուեց Ազգային ժողովի արդար, ժողովրդի կամքն արտայայտող ընտրութիւններով, որով ՀՀ քաղաքացին վերստին համոզուեց, որ ինքն ի զօրու է արժանապատուօրէն կառուցելու իր կեանքը:

Նոր տարին թո՛ղ դառնայ իղձերի եւ յոյսերի իրականացման, հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան առաւել սերտացման եւ համախմբման տարի` յանուն Նոր Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի հզօրացման:

Պաշտօնակատար
ՄԽԻԹԱՐ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ

50 Տարի Առաջ (31 Դեկտեմբեր 1968)

$
0
0

Ստորեւ կը հրատարակենք 50 տարի առաջուան «Ազդակ»*ի 31 դեկտեմբերի թիւին մէջ լոյս տեսած իմաստալից եւ տակաւին իրենց խորհուրդը պահած յօդուածներ՝ արժէք ու կշիռ ունեցող հեղինակներու կողմէ ստորագրուած եւ Նոր տարուան խորհուրդը բովանդակող։

Քու Նոր Տարին, Մեր Նոր Բարին…

Տարբեր շունչ մը, դէմքերու վրայ նոր պայծառութիւն, տօնածառ` ամէնուրեք, սրճարաններու անկիւնը, ցուցափեղկերուն մէջ, մայթերուն վրայ: Ու ծովածաւալ լոյս ու գունազարդ հազար առարկայ, փողոցները կամարող բազմերանգ ժապաւէններ, իրարանցում, տենդ, կեա՛նք:

Տարուան այս օրերուն առա՞ջ ալ այսպէս էր արդեօք կեանքը, թէ նոր ակնարկով մը կը նայիմ աշխարհին, նոր տրամադրութիւն մը գոյն, հմայք, մոգութիւն կը նետէ իրերուն վրայ: Ո՞վ գիտէ:

Բայց դուն լա՛ւ գիտես, Նոր տարուան Ոգի, դուն լաւ գիտես, թէ ժամանակի այս ակնթարթը քաղցրօրէն յիշելու շատ պատճառներ չեն տրուած ինծի:

Տարիներ, տարինե՜ր շարունակ սպասած եմ քեզ, բայց դուն չես եկած, ուրիշ տարիներ գուցէ եկած ես, բայց զի՛ս տուն չես գտած: Երբ վերջնօրէն ստուգեցի մեր երկուքին միջեւ հաստատուած ճակատագրական թշնամութիւնը, քու գալուստդ աւետող զանգերուն դէմ փակ վայրերու մէջ սովորութիւն ըրի անցընել ժամերս, մենակեացներու ներքին մռայլը բարեխառնող տեղեր, ուր դուն չէիր կրնար գալ, ուր մուտք չէր կրնար գործել ոեւէ ծեր, ոեւէ կուզ, ո՛չ մէկ դիմակաւոր:

Կը պատահէր այդ պահերուն, որ երբեմն ընդհատեմ ինքնամոռացման ծէսերէս մէկը ու թուղթեր գրեմ քեզի, դառն թուղթեր, սաստկագոյն կատաղութեամբ հայհոյանքներ խմբագրեմ եւ ինքզինքս յանձնեմ անոնց բարկ վայելքին: Քանի՜ անգամ հեգնած եմ կուզդ, որքա՜ն դաժան բառեր արտասանած եմ դիմակիդ ի տես, ինչպէ՜ս ընդվզած եմ ծերունական քմայքոտ տնտեսութեանդ դէմ:

Հիմա՞:

Սրճարաններուն, ցուցափեղկերուն, մայթերուն մէջ սարքուած ծառերէն առաջ, ամէնէ՛ն առաջ յարդարեցինք քու տօնածառդ, հոն` անկիւնը, որուն մօտ կը թռվռայ վերանորոգ շունչ մը ինձմէ, մեր քաղցր լեզուն նոր թոթովող էակ մը, որ ամէն վայրկեան անունդ կը հոլովէ, Նոր տարուան Ոգի՜, քո՛ւ անունդ, վարակիչ, վարարող զեղումով մը:

Կը նայիմ իրեն ու իր սիրած իրերուն ու անձերուն պէս կը սիրեմ նաեւ քեզ, քեզ, որ դեռ երէկ կորաքամակ ծերուկ մըն էիր միայն, արեանս մէջ դառնութիւն կուտակող յարգամեծար դիմակաւոր մը:

Այս պզտիկ էակը ինչպէ՛ս բարեփոխեց ներքին անձս, ի՛նչ արագութեամբ լուծեց առկախ հաշիւներս, դարձուց զիս հանդուրժող, հաշտարար` արիւնս պղտորող վաղեմի զօրութիւններուն նկատմամբ, անգամ քո՛ւ սուտիդ հանդէպ:

Հիմա ես ալ կը հաւատամ քու գոյութեանդ, մոգութեանդ, քեզի կապուած բարիքներուն,  կենսատրոփ վայրկեանին, զոր դուն կ՛ընծայես: Իրապէս ուրիշ եմ հիմա, ուրի՜շ: Նոր արիւն մը կը կարկաչէ հիմա երակներուս մէջ, նոր թարմութեամբ մը վարձատրած է զիս բնութիւնը, վարարած եմ անծանօթ ուրախութիւններով եւ արդէն քանի՜ շաբաթ է ճամբուդ կը նայիմ, Նոր տարուան Ոգի, այս պզտիկ, դեռ առաջին անգամ անունդ արտասանող էակին կարօտով, մանկանալով անոր հետ:

Գրուած էր ուրեմն, որ ինծի զլացուածը, զիս կրկնող հոգիին մէջ տեսնեմ, ապրելու հրճուանքը զգամ նոր, անո՛ր հետ, որ ամէն օրս նոր ըրաւ, իւրաքանչիւր օր նոր տարի, նոր բարի, նոր` ծագող արեւը, աշխարհը, ան բուժեց աշխարհի վրայ տառապանքով բացուած իմ տառապած ակնարկիս վիշտը:

«Թողէք, որ այդ մանուկները ինծի գան, որովհետեւ անոնց կը պատկանի երկնից արքայութիւնը», կ՛ըսէր երկինքներէն եկած, երկինքներու յոյսը բերած երկինքներու մաքրամաքուր Որդին: Երկնից արքայութիւնը անոնց կը պատկանի: Միայն երկնի՞ց արքայութիւնը: Թող ամէ՛ն ինչի, ամէ՛ն բանի արքայութիւնը անոնց ըլլայ, արքայական ամէ՛ն ինչ անոնց ըլլայ: Ոչինչ մնայ մարդոց, ի՞նչ պիտի ընեն մարդիկ երկնից արքայութիւնը, երբ տրուած է իրենց բաբախուն այս ընծան: Մանուկի մը ստեղծած արքայութիւնը նուա՞զ արքայական է, քան` խոստացուած աշխարհներու երանութիւնը:

Հիմա որքա՜ն կը սիրեմ մանուկները, ինչպէ՜ս հոգիս կը խայտայ աշխարհի առեղծուածը պատռելու տենդով արձակած անոնց կարօտավառ ակնարկներուն ի տես, աշխարհի ձայները իմանալու անոնց թրթռուն յափշտակութեան դիմաց: Կրնա՞յ ուրիշ որեւէ յաղթանակ, փառք, բանաստեղծութիւն, նուագ փոխարինել այն կեցուցիչ զուարթութիւնը, որ մէն մի ճիչով, մէն մի բառով, ակնարկով, նոյնիսկ խաղաղական իր նինջով կ՛ընծայէ ինծի այս անարատ աղջնակը:

Նոր տարուան Ոգի՜, դուն տարբեր եղար այս տարի, ինք նոր բողբոջեց: Իմ բախտիս պէս չեղաւ իր բախտը: Գոյութիւնդ հաստատող փաստեր ունեցա՛ւ ինք: Վերջերս` շա՜տ: Մայրը վար կ՛իջնէ պահ մը եւ քեզի հանդիպելէ ե՛տք միայն վեր կու գայ` անպայման բան մը բերելով հետը, հմայքդ աճեցնող բան մը: Այն ատեն ամբողջ քեզմով կը լեցուի մեր տունը, աղմկայո՜յզ ուժ մը, աղբիւր կենդանութեան:

Երէկ գիշեր, իր թոթովախօս բառերով անունդ վերստին քնարերգած ատեն բազում յայտնութիւններու ականատես եղայ ու յորդեցայ կրկին: Աչքերուն մէջ կայծ մը կար ինէ, ձայնին մէջ խռովք կար ինէ, հեռաւոր յաղթանակի մը յոյսը դեռ, իմ ամենալաւը, եւ դեռ չարութեան չար համ մը կար ինէ, հոգի՜, կրկներեւոյթս, ինչ լաւ է շրթներուդ ամէն բառ, ինչ քաղցրութեամբ հոգիիս մէջ կ՛արձագանգեն իր երգեցիկ ձայնով արտասանուած անունները, եւ քու անունդ, Նոր տարուան նո՛ր Ոգի, երբ քեզի կը դիմէ, երբ կը հայցէ քու այցդ` եկուր, շո՛ւտ եկուր:

Եկուր:

Ահա՛ ծառը, հին ծառացումներս մոռցնել տուող գեղածիծաղ ծառ. ահա՛ լոյսերը, որ վառած են ու ողողած ճամբադ` եկո՛ւր: Եկուր եւ պարէ, երգէ, երգենք, պարե՛նք միասին, սուտն ու իրաւ իրար խառնած` զարնենք բաժակ բաժակի ու խմենք, թող զուարթութեամբ թնդայ օդը, թող քեզ սպասող զուարթութիւնը յուսախաբ չըլլայ, վարձատրուած զգայ ինքզինք, խնդութեամբ եկուր` թող ճառագայթեն աչքերը, առատութեամբ եկուր` լիանայ հոգին:

Բայց նորէն ուշ եկուր, վերջի՛նը մեզ ըրէ, նախ այցի գնա՛ մոռցուած խրճիթներուն, հիւղերուն, ճակատագրէն զարնուած մարդոց որդիներուն, զրկուած մանուկներուն, որոնց հայրերը լուռ կը տառապին, մայրերը կու լան նոյն կսկիծով. նախ չքաւորներուն դուռը զարկ, որբերուն ժպտէ, հանդիպէ ամէնուն, բաշխէ բարիքներդ, քաղցրացուր անո՛նց կեանքը, լիացուր բոլորը ու յետո՛յ եկուր: Եկուր, նոյնի՛սկ եթէ մախաղիդ մէջ բան չմնայ, ես հոն կը տեղաւորեմ այս թուղթը, այս թուղթը երկարէ իրեն, ի՛մ ունեցածս, իմ ամբողջ անձս իրեն զոհաբերելու հզօր բանաստեղծութեան այդ թոյլ արձագանգով մենք կ՛արձագանգենք բոլորին խնդութեան ու երախտագիտութեամբ կը յիշենք քու Նոր տարին, մեր նոր բարին…

Պ. ՍՆԱՊԵԱՆ

 

Կորսուած Ժամանակներու Որոնումը.

Հին Օրերու Կաղանդը

Չէօկիւրեան իր «Վանքը» խորագրուած հատորին մէջ իր հերոսներէն մէկուն բերնով կ՛ըսէ, թէ` «Ձիւնը իմ ծննդավայրին մեծագոյն արտադրութիւնն է»: Տաճկահայաստանի մէկ մեծ մասին համար` աղուոր ու ճիշդ բնորոշում մը: Իրաւ է, թէ հիմա հոս այնքան ալ ցուրտ չէ, ու փողոցներուն մէջ ձիւնի հետք իսկ չկայ, բայց մի՛ խաբուիք, Հայաստանի մէջ հաւանաբար հիմա բուք-բորան է… Հիմա հոն ձիւնի թանձր խաւը պատած է ամէն բան. ե՛ւ դաշտ, ե՛ւ հանդ, ե՛ւ խրճիթ, ե՛ւ պալատ, ե՛ւ այգի, ե՛ւ պապերու գերեզման: Ձիւնը պատած է ամէն բան, ամէն բան, եւ երկինքը վար իջած, խառնուած է երկրին հետ:

Ու ես կարօտցած եմ այդ բոլորը: Ձիւնն ալ կարօտնալիք բա՞ն է, պիտի խնդան վրաս ձեզմէ ոմանք: Այսպէս մտածողները չեն գիտեր, թէ մարդու մը ծննդավայրը, եթէ խոպան ու անջրդի տեղ մըն ալ եղած ըլլայ, նորէն քաղցր ու ցանկալի է իրեն համար: Անո՞ր համար, որ մէկը իր առաջին քայլերը անոր վրայ կ՛առնէ… Անո՞ր համար, որ երբ վար իյնայ, ճակատը անոր քարերուն վրայ կ՛արիւնի… Անո՞ր համար, որ երբ մեռնի, պիտի դրուի իր պապերո՛ւն ալ փոշին պարունակող նոյն հողին մէջ… Ուրիշ պատճառ մը կա՞յ… Չեմ գիտեր: Բայց իմ ծննդավայրն ալ, ուրիշներուն պէս, քաղցր է ինծի համար, հակառակ անոր որ շատ, քիչ մը շատ դառն յիշատակներ ալ կապուած են անոր:

Դեկտեմբերի վերջերը, այսինքն` Նոր տարիին մօտերը, ձիւնը հասած կ՛ըլլար մեր մէջքը. իսկ տանիքներէն քերուելով վար, նեղ փողոցները նետուածները, ճշմարիտ լեռներ կազմած կ՛ըլլային` խափանելով անցքերը: Անգամ մը նոյնիսկ Էսիասենց Հաճաղան եկաւ զարկաւ մեր դուռը ու բողոքեց մօրս.

– Հաճի՛ հարս, էկեր ձեր էրդիքէն վար նետուած ձունին վրայ իյնամ տէ պաճախըս կոտրեմ նէ, ղրըխճիին փարան Արսէն ախպարս պի տայ… (Արսէն ախպարը հայրս էր):

Այս բոլորը կը պատահէին դեռ յունուար չեկած, փետրուար չեկած, դեկտեմբերի վերջերը, երբ Նոր տարին կը մօտենար, ու հայերը մօտեցող տօնական օրերու դողով ու շուկաները այգիներու բարիքներով կը լեցուէին: Այն ատեն, չես գիտեր` ինչո՛ւ, երկնքի դուռերը կը բացուէին, ու ձիւնը խոշոր, սպիտակ փաթիլներով, գիշեր-ցերեկ կը թափէր վար: Կ՛ըսեն, թէ ուրիշ տեղեր ձիւնը նախ բարձր սարերուն վրայ կ՛իջնէ. մեր քաղաքը արդէն սարի չափ բարձր էր ծովէն, ու ձիւնը, զայն սար կարծելով, կը ջանար ճերմկցնել: Երբ ժամուն գմբէթը լաւ մը ծածկուէր, իր կեդրոնէն բարձրացող մեծ խաչը երկինքէն թելով կախուածի տպաւորութիւն կը ձգէր եւ, ուզէիր չուզէիր, կը մտածէիր ամառը այդ գմբէթի կղմինտրներուն տակ բոյն դրած հազարաւոր ծիծեռնակներուն մասին, որոնք իրենց ձագերն առած` մեկնած էին ցուրտերու գալէն առաջ, չես գիտեր` ո՛ւր:

Նոր տարուան գալէն օր մը առաջ ուշադիր դիտող մը պիտի տեսնէր, որ իրենց կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Համալ Նշանն ու Կուծինը, կասկածելի մաքրութեամբ կարմիր թաշկինակներու մէջ բաներ մը դրած, տուն կը տանին Կաղանդի սեղանին համար:

Դատելով իրենց քալուածքէն ու հովին դէմ բացած գլուխներէն, վստահօրէն կարելի էր ըսել, թէ կու գային Դաւիթին միխանէէն, ուրկէ երաժշտութիւն ու թունդ օղիի բուրում կը յորդէր: Ծերունի թոփալ Ապտուլլահի սերկին լեցուած կ՛ըլլար Մալաթիայէն բերուած քաղցրաւենիքով: Իր ծախած ծիրանի չորը շաքարէն քաղցր կ՛ըլլար, շէկ չամիչը` բութամատի չափ, ու խորոված Կիրասոնի կաղինն ու լէպլէպին` թարմ:

Միւսները, հայ ու յոյն նպարավաճառները, չէին կրնար մրցիլ անոր հետ, ան ամէն բանի լաւագոյնը կը ծախէր, Կիրասոնէն առաջին անգամ նարինջ բերել տուողն ալ ան կ՛ըլլար: Ինչ անո՜ւշ կը բուրէին իր նարինջները… Ու եթէ պատահէր, որ հատ մը երկուք ձեռքս անցնէր անոնցմէ, երջանկութիւնս կ՛ըլլար լման: Ու չէի գիտեր, թէ ի՛նչ ընեմ, ուտե՞մ, թէ՞ պահեմ… Պահեմ, որ չհատնի՜…

Այդ օրերուն այս պզտիկ բաներով երջանիկ էինք: Մեր  տղայութի՞ւնն էր պատճառը, թէ ոչ` հայրենի հողին վրայ ըլլալնիս: Հիմա իսկ, խորհելով աննշան թուող այդ բաներուն վրայ, սիրտս քիչ մը աւելի արագ կը բաբախէ:

Մեր տան մէջ ընդունուած, օրէնք դարձած  սովորութիւն էր, որ երեկոյեան ճաշին նստելէ առաջ փոքրերը կը համբուրէին մեծերու ձեռքերը, ու մեծերը` փոքրերու ճակատները, ու կ՛օհնէին զանոնք: Յետոյ տղաք կ՛արտասանէին, ուսուցչին գրած ու գոց սորվեցուցած ճառը: Կը հաւատամ, թէ բազմաթիւ ճառեր գոց սորված ու արտասանած եմ, բայց անոնցմէ բան մնացած չէ միտքս, բացի «կ՛ուրախանամ ու վեր կը ցատկեմ» բառերէն ու զանոնք ինծի սորվեցնող ուսուցչին Շաւարշ անունէն:

Պահոց ճաշէն ետք մայրս կ՛արտօնէր, որ եղբայրներէս մէկը երթար ու վառէր հիւրանոցին վառարանը: Երբ կրակը ճարճատիլ սկսէր սաճէ վառարանին մէջ, ու անոր առջեւի դռնակէն փախչող լոյսը իյնար գորգերու նաշխին վրայ, կը փոխադրուէին հոն, ուր ցերեկուընէ մայրս շալկած կ՛ըլլար Կաղանդի սեղանը:

Այդ պահուն իմ ու մեր երջանկութիւնը հասած կ՛ըլլար իր լրումին: Խօսակցութեանց հատած, վերջացած մէկ պահուն, մէկ ալ տեսնես, մայրս, նստած տեղը, աղօթելը կը սկսէր.

– Տէ՛ր խաներու անկիւնը ղարիպ մնացողներուն, հիւանդ ունեցողներուն, տղասկաններուն, լեռներուն վրայ ու ծովերուն վրայ եղողներուն դո՛ւն հասնիս, տէր ըլլաս:

Ժամը տասներկուքէն քիչ առաջ ամէնքով աղօթքի կը կենայինք` խնդրելով Ամենակալէն, որ Նոր տարին բարի ըլլայ ու եկողը գացողը փնտռել չտայ: Յետոյ մայրս սափոր մը եւ ափ մը ցորեն առած` կ՛երթար աղբիւրը կաղնտելու: Ինչպէ՞ս ծագում առած էր այդ աւանդութիւնը կամ սովորութիւնը` չեմ գիտեր: Երբեւիցէ Հայաստանի մէկ աղբիւրէն ոսկի հոսա՞ծ էր, մէկը յաջողա՞ծ էր ոսկեհոսման այդ պահուն սափորը անոր դէմ բռնել, թէ՞ ոչ, չեմ գիտեր: Բայց մայրս, աներեր հաւատքով, ամէն տարի, փոթորիկ թէ մրրիկ, ժամը ճիշդ տասներկուքին հոն կ՛ըլլար, աղբիւրին գլուխը, ու սափորը կը բռնէր ծորակին դէմ: Պաղ օդին մէջ երկրի ընդերքէն պոռթկացող ջուրը շոգի կ՛արձակէր, ու մենք ձիւներուն վրայէն ու մէջէն կը վերադառնայինք տուն: Բնաւ չեմ յիշեր, որ գիշերը մութ ըլլար, քաղաքն ու դաշտերը, ամէն, ամէն բան սպիտակ մարմարէ ձեւուած ըլլալ կը թուէին, ու մութը չէր կրնար յաղթել ձիւնի լոյսին:

Կը հասնէինք տուն ու մեր ոտքերուն ձիւնը թօթուելով` աղբիւրէն առնուած ջուրը կը լեցնէինք կարասը:

Ու Նոր տարին պաշտօնապէս մտած կ՛ըլլար մեր տունէն ներս:

Պառկելէ առաջ մայրս ճրագը վառ կը ձգէր պատուհանին առջեւ, որ ուղեցոյց ըլլար իրեններուն այցի գալ փափաքող ընտանեկան նահապետին, ու օճախնիս լման տարին վառ մնար, ծուխը չպակսէ՜ր մեր երդիքէն:

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ

 

Հայու Ճակատագիր

Զոյգ ուխտագնացութիւններէ վերադարձող բարեկամ մը վերջերս հետեւեալը պատմեց` արցունքը աչքերուն.

– Ուխտած էի, չմեռած, այցելութիւն տալ երկու սրբավայրերու` Հայաստան եւ ծննդավայրս: Բախտը այնպէս բերաւ, որ նոյն ամսուան մէջ տեսնեմ երկուքն ալ իրարու ետեւէ: Եւ այս զոյգ վայրերուն կենդանի պատկերը աչքերուս մէջ ունենալէ ետք միայն կարծես ես նոր ըմբռնեցի, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ, եւ ո՛ւր է գաղտնիքը մեր ժողովուրդի յաւերժական գոյութեան:

Տեսածներէս մէկը` ծննդավայրս, սիրտ բզկտող ողբերգութիւն էր, ահաւոր եղեռնագործութեան մը փլատակ վկայարանը:

Պատանիի յիշողութեանս մէջ վառ էր մնացած մեր գիւղին քաղցր յիշատակը, Կեսարիոյ շրջանին մէջ, իր դալարագեղ պարտէզներով եւ սքանչելի դիրքով, իր եկեղեցիին գմբէթով եւ շէն օճախներով: Ինծի այնպէս կը թուէր միշտ, որ հոն այցելելով, պիտի վերագտնեմ կորսուած մանկութիւնս` մեր թաղի աղբիւրներուն եւ ծառերուն քով, պիտի վերագտնեմ առնուազն հին օրերու շունչն ու ոգին: Մանաւանդ որ հոն, մեր գիւղին մէջ ապրող հօրեղբօրորդի մըն ալ ունէի, հրաշքով ողջ մնացած եւ որդեգրուած` թուրք ընտանիքի մը կողմէ:

Հոգիս կը փոթորկէր հարազատ վայրերու եւ հարազատ զարմիկիս կարօտով: Իմ գիւղս ոսկեզօծ տեսիլքի մը պէս կը ծփար յաճախ աչքերուս առջեւ, կէս դարու անցեալի մը խորհրդաւոր մշուշներուն ընդմէջէն:

Գացի եւ գտայ աւերակներու կոյտ մը միայն:

Մոխիր ու փլատակ` հայկական ամբողջ թաղամասին վրայ: Ծառերը չորցած եւ աղբիւրներն անգամ ցամքած գտայ: Տարօրինա՜կ երեւոյթ… դժուար չէ երեւակայել, թէ տուները ինչպէ՛ս քանդեցին, շէն օճախները, ինչպէ՛ս մոխիրի վերածեցին, այգիներն ու պարտէզները ինչպէ՛ս արմատախիլ ըրին, բայց ջուրե՞րը, յորդաբուխ աղբիւրնե՞րը… մինչեւ հիմա չեմ կրցած հասկնալ, թէ մեր աղբիւրը ինչպէ՞ս չորցուցին:

Հօրեղբօրորդի՞ս. մի՛ հարցնէք, կենդանի ողբերգութիւն մըն ալ ան էր: Շարժուն աւերակ մը, որ եկաւ հեռաւոր դաշտերէն, յոգնախոնջ մշակի երեւոյթով եւ ինկաւ վզիս: Երկուքս ալ լացինք կուշտ ու կուռ եւ ո՛չ մէկ բառ կրցանք փոխանակել իրարու հետ. ան թրքացած նախկին հայ մըն էր եւ բառ չէր յիշեր մեսրոպեան բարբառէն, իսկ ես` նախկին օսմանցիս թրքերէնը գրեթէ մոռցած էի: Կինը թուրք, զաւակները թուրք, թոռները թուրք, իսկ ի՞նք… Աստուա՜ծ իմ, աշխարհիս երեսին կա՞ր արդեօք ուրիշ ազգ մը, որուն զաւակները ճաշակած ըլլային եղերական այս ճակատագիրը: Երկու հօրեղբօրորդիներ դէմ դէմի, մէկը թուրք, միւսը` հայ, մէկը ցեղասպան դահիճի կերպարանքին տակ, միւսը` նահատակ ցեղի մնացորդացէն ներկայացուցիչ մը: Ի՞նչ ըսէինք իրարու, ի՞նչպէս հասկնայինք իրարու ապրումները, եթէ նոյնիսկ նոյն լեզուն խօսէինք….

Ու նստանք լուռ ու մունջ, իրարու երես նայելով, թուրքերով շրջապատուած, անոնց կարեկից նայուածքներուն տակ եւ մեր հայրենի օճախներուն աւերակներուն դէմ: Ոսկեզօծ երազը վերածուեցաւ դժոխային մղձաւանջի: Մանկութեան քաղցր յիշատակներս արեան հեղեղներով ողողուեցան կարծես:

Տեսածներէս երկրորդը` Երեւանը, փառաշուք դիւցազներգութիւն մըն էր: Ամէն կողմ լոյս ու երգ: Ամէն կողմ մուրճերու ձայն եւ կառուցման համերգ: Կեանքով եւ ստեղծագործութեան տենդով յորդուն գեղատեսիլ քաղաք մը` Արարատի շուքին տակ: Աչքերդ կը լեցուին հայ հոգիին ճառագայթումով, ականջներդ չեն յագենար` հայ բանին ու բարբառին քաղցրութիւնը ըմպելով. շրթունքներդ կը գինովնան հայրենի ցայտաղբիւրներուն պաղուկ ջուրերով եւ բովանդակ էութիւնդ կը հրճուի հայ մշակոյթի փառապանծ կոթողներուն առջեւ:

Հոն, Երեւանի մէջ, իրականութիւնը աւելի հմայիչ էր, քան` երազը:

Ծննդավայր գիւղիս աւերակներէն ետք` Հայաստանի մայրաքաղաքին տուֆն ու մարմարը. հայրենի երդիքիս պաղ մոխիրներէն ետք` կամարակապ շէնքերու տիրական սլացքը, մեր հին թաղի մեռելային ամայութենէն ետք` լայն պողոտաներու աշխուժ եռուզեռը:

Հրաշք մը չէ՞ր արդեօք քանի մը օրերու տարբերութեամբ աչքերուս պարզուող այս տեսարանը: Չէ՞ որ զարկած էին, ջարդած, սպաննած, փոշիացուցած, աշխարհիս վրայէն սրբած հայ ցեղն ու իր հանճարը, հայ բազուկն ու իր ստեղծագործութիւնները: Չէ՞ որ հայրենի մեր գիւղերու աւերակներուն վրայ կարենալ շնչելու համար ձգած էին մէկ միջոց միայն. թրքանալ` հօրեղբօրս տղուն պէս եւ արցունքով ծամել օրուան հացին պատառը:

Հապա ուրկէ՞ վերածնաւ դարձեալ հայ բազուկին ստեղծագործ թափը, ինչպէ՞ս թռիչք ստացաւ հայ հանճարին կոտրած թեւը, ի՞նչ հրաշքով ծննդավայրիս մահատեսիլ աւերակները շքեղ պողոտաներու վերածուեցան Երեւանի մէջ:

Գերբնական ո՞ր զօրութեամբ իմ ժողովուրդս կրցաւ երէկուան ողբերգութիւնը վերածել այսօրուան դիւցազներգութեան:

Հիմա որ այսքան կարճ ժամանակի ընթացքին, նոյն աչքերով տեսայ մեր կեանքին երկու երեսները, հիմա որ պիտի վերադառնամ օտար երկինքներու ներքեւ թաւալող մեր սովորական առօրեային, հայ ծնած ըլլալու խորհուրդը անկշռելի հարստութեամբ կը շէնցնէ հոգիս: Ինծի կը թուի, թէ իմ զոյգ ճամբորդութիւններովս ես ապրեցայ ամբո՛ղջ հայոց պատմութիւնը` իր մութ ու լոյս բոլոր երեսներով, ահեղ փոթորիկներու եւ հրաշալի վերածնունդներու հազարամեայ իր խորհուրդով: Ինծի կը թուի տակաւին, թէ ես նոր միայն հասկցայ կեանքի ու մահու առեղծուածները` ազգերու կեանքին դժնդակ ճամբուն վրայ:

Բարեկամս աւարտեց վերապրող հայու արկածախնդրութեան իր պատմութիւնը: Աւելորդ էր ամէն մեկնաբանութիւն: Հաւատքի պայծառ ժպիտը ծիածան կը կապէր անոր աչքերուն մէջ յամեցող արցունքի կաթիլներուն վրայ:

Մ. ԻՇԽԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

Առաջնորդական Պատգամ Ամանորի, Ս. Ծնունդի Եւ Աստուածայայտնութեան Առիթով

$
0
0

«Արդարեւ, դուք գիտէք թէ մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս ի՜նչ շնորհք ըրաւ մեզի. ինք,
որ հարուստն էր` աղքատացաւ ձեզի համար, որպէսզի
իր աղքատանալովը դուք հարստանաք» (Բ. Կր 8.9)

Սիրելի՛ հայորդիներ որ ի Լիբանան,

Հին տարին աւարտելէ ետք, երբ նոր տարին կը դիմաւորենք անհատաբար եւ ազգովին, ամենաբարի Աստուծոյ օրհնութիւններուն հեղումը խնդրելով ձեր բոլորին վրայ, կ՛ըսենք. «Նո՜ր տարի… գալուստդ ըլլայ բարի»:

Այս տարուան մեր նշանաբանը թող ըլլայ` «Ամէն օր բարիք մը պիտի ընեմ»: Այս բարեգործութիւնը չշեփորենք, այլ կատարենք ու անցնինք, որովհետեւ անոր հատուցումը Աստուծմէ պիտի ստանանք: Այսպիսո՛վ միայն Նոր տարին բարեբեր կ՛ըլլայ բոլորիս համար, եւ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կեանքը բարեփոխած մեր կատարած բարիքը անուշաբոյր խունկի նման երկինք կը հասնի:

Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան առիթով, անգամ մը եւս խոնարհաբար փոխադարձ այցելութիւն կու տանք Բեթղեհէմի անշուք մսուրին մէջ ծնած մանկացեալ Աստուածորդիին` քաջ գիտնալով, որ նախ Ինք մեզի այցի եկաւ` Իր երկնային փառքէն մեր մեղաւոր աշխարհը իջնելով, երբ «կամաւորաբար ինքզինքը այդ պատիւէն մերկացուց` ծառայական մեր բնութիւնը իր վրայ առնելով» (Փլպ 2.7):

Մեր պատգամին առաջնորդող մտածումը հանդիսացող Կորնթոսի հաւատացեալներուն ուղղուած վերեւի տողերը այսօր մեզի եւս կը հասցէագրուին, երբ Քրիստոսի մեզի ըրած շնորհքը եւ Իր աղքատանալն ու մեր հարստանալը իրարու կը զօդուին, որպէսզի լուսարձակի տակ բերենք Աստուծոյ եւ մեր յարաբերութեան այն եզակի երեսը, որ փրկութեան եւ յաւիտենական կեանքի աւետիսը կը փոխանցէ մեզի:

Մեր առօրեայ հեւքին մէջ, յաճախ չենք անդրադառնար, թէ մեր կեանքը օրօրոցէն գերեզման եւ աւելի ալ անդին աստուածատուր շնորհներու շղթայ մըն է, որ մեզ երկրէն երկինք եւ անցաւորէն անանց կ՛օղակէ: Այս շնորհներուն մէջ մասնայատուկ տեղ կը գրաւէ Աստուծոյ Որդիին մարդանալը եւ Ինքզինք տալը իբրեւ աստուածային գերագոյն սիրոյ արտայայտութիւն` Իր պատկերով ստեղծուած մարդը Իրե՛ն վերադարձնելու համար: Այսօր մենք կը հրաւիրուինք շնորհաբեր Աստուածորդին մեր հոգիներուն մէջ հիւրընկալելու եւ Ս. Ծնունդի զեղուն ուրախութեամբ կենդանի վկաները դառնալու Անոր ծննդեան եւ յայտնութեան բարի լուրին:

Քրիստոս այսօր մեզի համար կ՛աղքատանայ, որպէսզի մենք մեր աղքատութեան մէջ Իրմով հարստանանք: «Քրիստոնեայ» անունը կրել կը նշանակէ Քրիստոսի պատկանիլ: Մեր պարագային, այս պատկանելիութիւնը կը դրսեւորուի հայկական ինքնութեամբ եւ մեզ կը դարձնէ «հա՛յ քրիստոնեայ», երբ մեր մէջ կրօն եւ ազգութիւն կ՛ընդելուզուին անքակտելի միացումով եւ մեզ աստուածաբաշխ վաւերական սիրոյ աշակերտութեան կը կոչեն` մեր անձնական եւ հաւաքական աղքատութիւնը թէ՛ Քրիստոսով եւ թէ՛ մեր հոգեմտաւոր ախոյեաններով ու արժէքներով հարստացնելով: Այս հարստութիւնը անկողոպտելի է, որովհետեւ Աստուծոյ առատաձեռնութեան ապացոյցն է, երբ Իր Որդին որպէս ընծայ մեզի կու տայ Ան` մեր մեղքերու քաւութեան համար:

Աստուածաշնչական աւանդութեան մը համաձայն, մարդ որքա՜ն ալ աղքատ ըլլայ, պարտաւոր է իրմէ աւելի աղքատ անձ մը գտնել եւ անոր նուէր մը տալ: Ամենահարուստ Յիսուս այսօր մեզմէ ամէնէ՛ն աղքատը կ՛ըլլայ, որպէսզի մեզ Իր հարստացուցիչ օրինակով ներշնչէ Աստուծոյ զաւակները դառնալու առանձնաշնորհման պարգեւով, որուն ի պատասխան Առաքեալին հետ կը կրկնենք.-«Չքաւորութիւն ալ ճանչցայ, առատութիւն ալ տեսայ: Վարժուեցայ ամէն տեսակի կացութիւններու եւ պայմաններու. թէ՛ կուշտ ըլլալու եւ թէ՛ անօթի մնալու, թէ՛ առատութեան եւ թէ՛ չքաւորութեան: Ամէն ինչ կրնամ տանիլ շնորհիւ Քրիստոսի, որ զիս զօրացուց» (Փլպ 4.12-13):

*

*   *

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով, որդիական ակնածանօք կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ կը մաղթենք մշտադալար հայրապետութիւն:

Կը շնորհաւորենք Հայ եկեղեցւոյ սրբազան անդաստանին մէջ ծառայող մեր բոլոր միաբանակից ու հոգեւոր եղբայրները, եւ իրենց կը մաղթենք անդուլ սպասաւորութիւն:

Կը շնորհաւորենք Լիբանանի Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր դասն ու հաւատացեալները, մեր քահանայից դասը, Ազգային իշխանութեան եւ մեր ծուխերու մարմինները, լիբանանահայութեան կեանքին մէջ գործող կառոյցները եւ մեր ժողովուրդի զաւակները, եւ բոլորիդ կը մաղթենք օրհնեալ ու շնորհաձիր Ամանոր, Ս. Ծնունդ ու Աստուածայայտնութիւն:

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

 


«Ապառաժ»-Ի Խմբագրական. Վճռականութեան Եւ Նորանոր Յաջողութիւնների Ակնկալիքով

$
0
0

2018 թուականը հայկական աշխարհի համար վայրիվերումներով լի տարի էր: Հայաստանի Հանրապետութիւնում տեղի ունեցած համաժողովրդական շարժումը յուզեց ողջ հայ ժողովրդին: Հայաստանը եւ Հայաստանին վերաբերուող նիւթերը համաշխարհային լրատուական դաշտի առաջին տողերում էին: Տեղի ունեցած համաժողովրդական շարժումը իր հետ բերեց նոր իշխանութիւններ, նոր իշխանական համակարգի հաստատման նախնական ծիլեր, եւ ըստ դրան` քաղաքական դաշտի ձեւաւորում եւ այդ դաշտում դերակատարների արմատական փոփոխութիւն:

Քաղաքական նոր դէմքերի ի յայտ գալով` բնականաբար ստեղծուեց մի իրավիճակ, որտեղ առաջացան բազմաթիւ հարցականներ, մօտեցումների եւ կիրառուող գործիքակազմերի անորոշութեան մթնոլորտ: Իրավիճակը ինչ-որ չափով հասկանալի է եւ բնական: Սակայն, ինչքան կարճ է լինում այդ անորոշութիւնների ժամանակահատուածը, այնքան աւելի շուտ կարելի է հասնել արդիւնաւէտ կառավարման եւ զարգացման ակնկալուող փուլին: Այս դիտանկիւնից` յատկապէս ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտում մեր ուշադրութեան կեդրոնում է արցախեան հարցի շուրջ ծաւալուող իրողութիւնները:

2016 թուականի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը եղաւ այն անկիւնադարձը, որից յետոյ թէ՛ միջազգային հանրութեան եւ թէ՛ հակամարտութեան երկու կողմերի մօտ յստակեցուեցին որոշ հարցեր, որոնք գալիս էին առոչինչ անելու նախկինում ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւնները: Այդ առումով, հայկական կողմի ձեռք բերած առաւելութիւններն ակնյայտ էին Ս. Փեթերսպուրկի եւ Վիեննայի պայմանաւորուածութիւնների արդիւնքում: Պայմանաւորուածութիւններ, որոնց առկայութիւնը ոչ միայն հայկական կողմից արծարծուեց, այլ նաեւ հաստատուեց թէ՛ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահների յայտարարութեամբ եւ թէ՛ այդ երկրների ներկայացուցիչների կողմից առանձնաբար: Ի՞նչ էին իրենցից ներկայացնում այդ պայմանաւորուածութիւնները: Պարզ բառերով` հետեւեալը. հետաքննութիւնների մեքանիզմի ներդրման եւ դիտարկման սարքաւորումների տեղադրումը արգելում էր որեւէ կողմից կրակի կիրառումը: Այլ խօսքով, ինչ-որ ձեւով ճանաչւում էր ներկայում գոյութիւն ունեցող սահմանային գիծը, եւ դա հակասում էր բանակցութիւնների ընթացքում Ազրպէյճանի կողմից ներկայացուող տրամաբանութեանը:

ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտում տիրող անորոշութիւնները պատճառ են դարձել վերջին ժամանակաշրջանում, որպէսզի աշխուժանան ազրպէյճանական եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ թուրքական կողմի յայտարարութիւնները` Արցախեան հարցի կապակցութեամբ: Ի հարկէ հայկական կողմի պատասխանները չեն ուշանում,

սակայն պէտք է նշել, որ դրանք չեն պարունակում կուռ կեցուածքի յստակ եւ վճռական տրամաբանութեան յատկանիշներ: Մտահոգութեան առարկայ է այն հանգամանքը, որ այս ասպարէզում ՀՀ նախկին իշխանութիւնների ձեռք բերած յաջողութիւնները եւս, ի խնդիր նախկին իշխանութիւններին փնովելու եւ քննադատելու, անտեսւում են կամ արժէզրկւում: Դա անթոյլատրելի է, չի կարելի «հռոմի կայսրին վեր դասել Հռոմից»:

Յոյսով ենք, որ 2019 թուականը կը դառնայ անորոշութիւնների փարատման, վճռականութեան եւ նորանոր յաջողութիւնների տարի:

Շնորհաւոր Ամանոր եւ Սուրբ Ծնունդ:

27 դեկտեմբեր 2018թ.

Նշմար. Օրէնքով Պատանդ Բռնել Կ՛ըլլա՞յ…

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

…Այդ ալ ինչպէ՛ս:

Տարուան հաշուեփակը ընելու պահուն, եթէ մեր աչքերը պտտցնենք աշխարհի քարտէսին վրայ, պիտի նկատենք, որ բոլոր ցամաքամասերու բնակիչներն ալ անմասն չմնացին բնական ու մարդակերտ աղէտներէ: Հրաբուխ, երկրաշարժ, անկէ յառաջացող ցունամի, տակաւին` երաշտ, փոթորիկներ, հրդեհներ, ողողումներ ու անոնց պատճառով` քանդումներ, զոհեր, վիրաւորներ, անպատսպարներ…

Իւրաքանչիւր բնական աղէտ կու գայ մարդ արարածներուս յիշեցնելու, որ դեռ չենք կրցած հասնիլ բնական աղէտներ լիովին կանխատեսելու, հակակռշելու եւ յաղթահարելու դարաշրջանը:

Պահ մը մէկդի ձգենք այն հարցումը, թէ բնական աղէտներու յառաջացման մէջ մարդ արարածին անհեռատես արարքները ի՞նչ համեմատութեամբ բաժին ունին, չմտնենք կեսոլորտի ջերմացման իրականութեան ու անոր հետեւանքներուն-սպառնալիքներուն շուրջ բանավէճին մէջ, այլ մեր աչքերը սեւեռենք այն աղէտներուն ու պատուհասներուն, որոնք անվիճելիօրէն մարդակերտ են, անոնցմէ մաս մըն ալ կը ստեղծուի… օրէնքով:

Օրինակները բազմաթիւ են. կը բաւէ կանգ առնել այն աղէտներուն վրայ, որոնք օր աւուր կը ծագին… Սպիտակ տունէն (ոչ միակը): Հոս ալ կայ երկար պատմութիւն, սակայն պէտք չունինք երթալու մինչեւ ամերիկեան ցամաքամասի գիւտի օրերն ու յայտարարուած ու չյայտարարուած գաղութատիրութեան դարերը, ոչ ալ վերաքաղն ընենք վերջին քանի մը նախագահներուն աղէտալի «արգասիք»-ին. կը բաւէ` իբրեւ բարացուցական օրինակ, վերցնել այժմու նախագահին վերջին շահատակութիւնը եւ անոր «շողարձակումները», որոնք օրէնքով պատանդի վիճակի մատնած են կառավարութիւնը, պետական սպասարկութիւններ, սակարանները եւ այս բոլորին նկատմամբ զգայազիրկ վիճակի մատնուած ժողովրդային զանգուածները:

Նախագահ Տոնըլտ Թրամփ տօնական օրերուն «աւետիս» մը տուաւ համակիրներուն ու հակառակորդներուն` յայտարարելով, որ կառավարութեան մասնակի անդամալուծութեան վերջ պիտի չդնէ, եթէ Մեքսիքայի սահմանին վրայ պատի մը կառուցման իր պահանջած պիւտճէն չվաւերացուի խորհրդարանին կողմէ: Մինչեւ իսկ իր կարգ մը կուսակիցները վրդովմունքով ընկալեցին այս կամակորութիւնը, որ իր անմիջական արձագանգը ունեցաւ ելեւմտական շուկային վրայ եւ արձակեց ձեռքերը կացութիւնը… չարաշահողներուն. սակերը օր մը վար սահեցան, յետոյ վեր թռան. եղան վնասուողներ, բայց նաեւ` շահողներ…

Նախ բանանք փոքր փակագիծ մը: Նախագահին այս վարմունքը մեզի յիշեցուց դէպք մը, որուն ականատես եղանք քանի մը տարի առաջ (նման դրուագի յաճախ ականատես կրնան ըլլալ մեզի նման հասարակ մահկանացուներ): Շուկայի մը մէջ հազիւ 3-3,5 տարեկան մանուկ մը ինքզինք բառացիօրէն գետին նետած էր ու ամբողջ ուժով կը ճչար, ոտքերն ու ձեռքերը գետին կը զարնէր` պահանջելով, որ մայրը գնէ իր պահանջած քաղցրեղէնը: Մարդիկ հաւաքուեցան անոնց շուրջ: Խեղճ մօր բոլոր ջանքերը, աղաչանքներն ու  «հաճի՜ս»-ները ի դերեւ ելան (անշուշտ ոչ ոքի միտքէն անցաւ, որ կարելի է հակամանկավարժական… ապտակով մը լռեցնել ու կարգի հրաւիրել անձեռնմխելի մանուկը, որովհետեւ նման արարք կրնայ անոր կեանքը քար ու քանդ ընել): Յուսահատ մայրը ի վերջոյ տեղի տուաւ, եւ մանուկը լռեց…

Հիմա ալ բանանք աւելի մեծ փակագիծ մը եւ հարց տանք, թէ նախագահն ու անոր փոքրաթիւ համախոհները ինչո՞ւ այսքան պնդագլուխ կամակորութեամբ կը պահանջեն շինութիւնը պատի մը, որուն անգործնականութիւնը ամէն կասկածէ վեր է: Հարց չտանք նաեւ, թէ նախագահը ինչո՞ւ հրաժարած է իր այն խոստումէն, որ Մեքսիքայի կառավարութենէն պիտի ապահովէր «ոճրագործներու եւ մաքսանենգերու Միացեալ Նահանգներ մուտքը արգիլող» պատին պիւտճէն: Մեր հարցումները ճամբայ հանենք ուրիշ մեկնակէտերէ, որոնց մասին գրեթէ ոչինչ կը գրուի-կը խօսուի` ո՛չ պաշտօնապէս, ոչ ալ քողարկուած կերպով:

Պատին համար նախագահը կը պահանջէ վաւերացումը աւելի քան 5 միլիառ տոլարի պիւտճէի մը, որ կրնայ նաեւ «պոչիկներ» ունենալ ապագային: Ու մեր առաջին հարցումը. որո՞նք նիւթական շահ պիտի ապահովեն այս ծրագիրին իրագործումէն: Իբրեւ նախաճաշակ` յիշենք, որ աւելի քան երկու ամիս առաջ նախագահը որոշեց շուրջ հինգ հազար զինուոր առաքել սահմանային խնդրոյ առարկայ գօտին: Այդ զինուորները պէտք ունին զէնքի ու զինական արդիական սարքերու, կացարանի, ամէնօրեայ սնունդի եւ պետական հազար ու մէկ հոգածութեան: Այս բոլորը ծախս եւ պիւտճէ կ՛ենթադրեն, ու յայտնի չէ, թէ նման «մանր ծախսեր» նկատի առնուա՞ծ են հինգ միլիառի նախահաշիւին մէջ: Յամենայն դէպս վճարողը պիտի ըլլան շահատուրք վճարողները (ատենին, ամերիկեան բանակին Իրաք մուտքէն ետք չարաշահներու շահատակութիւնները պատմութիւն կերտեցին ու… պատմութեան մէջ ձգուած-մոռցուած են հիմա): Կառավարութեան «փակում»-ին պատճառով եկամուտէ զրկուելու սպառնալիքին տակ եղողներ վստահաբար ուրախ չեն` մտածելով, որ եթէ եկամուտ չունենան, տուրք չեն վճարեր… (Իսկ նման «կողմնակի մանր հաշիւներ» երբեք ալ չեն հետաքրքրեր վճարող զանգուածները, որոնց համար հազար ու մէկ զբաղում կը ստեղծուի պատկերասփիւռի պաստառներէն):

Ո՛չ ոք կը մտածէ, որ երկիրը եւ վարչամեքենային մէկ մասը մատնուած են պատանդի վիճակի: Եթէ ահաբեկչական խմբակ մը դեսպան կամ պարզ մարդիկ առեւանգէ, զայն երկար ատեն պատանդ պահէ եւ փրկագին կամ քաղաքական տուրք պահանջէ, ամբողջ աշխարհը միահամուռ կերպով բողոքի ձայն կը բարձրացնէ, կը դատապարտէ առեւանգողը եւ արդար վճռակամութեամբ կը հաստատէ, որ ոճրագործներու հետ կարելի չէ բանակցիլ, անոնց պահաջներուն ընթացք տալ: Իսկ երբ պատանդ բռնողը նախագահ մըն է ու իր շահակիցներու խմբակը, բանակցութեան դուռերը լայն կը բացուին, դեմոկրատ ու հանրապետական` վարագոյրի ետին սակարկութեան կը նստին, իբր թէ երկիրը անելէ փրկելու միջոցներ կը հրապարակուին, եւ օր մըն ալ, ինչպէս քանիցս պատահեցաւ անցեալ տարիներուն, «համախոհութեան եզրեր» կը գտնուին. ոչ ոք յստակօրէն կը գիտնայ, թէ կարկանդակի բաժանման ի՞նչ տարազ գոյացաւ, ու մարդիկ կ՛ուրախանա՜ն, որ… ժողովրդավարութիւնը յաղթանակեց ի վերջոյ, լուծումներ գտնելու համար իմաստո՜ւն մարդիկ բիրտ միջոցներու չդիմեցին (չէ՞ք տեսներ, թէ ֆրանսացի ցուցարարները որքա՛ն յետամնաց են ու երկիրին պատճառած են միլիառներու վնաս):

Փակագիծը փակենք եւ շարունակենք հարցասիրութեան յագուրդ տալ: Այս զարգացումներուն դիմաց, որո՞ւ հոգը, թէ լատինամերիկեան երկիրներէ Մեքսիքայի ճամբով Միացեալ Նահանգներ մուտք գործողներ կամ մտնել աշխատողներ քանի՞ զոհ տուած են, քանի՞ մանուկ մահացած է սահմանակից դարմանատուներու մէջ: Որո՞ւ հոգը, թէ բազմահազար գաղթողներ ինչո՞ւ կը լքեն իրենց երկիրը եւ հազար ու մէկ տառապանք աչք առնելով` կը հասնին ամերիկեան պատին առջեւ: Անշուշտ արդարօրէն մտածողներ կան, որ այս երկիրն ալ ի՛ր օրէնքները ունի, գաղթականներ ընդունելու պայմաններ կան, կարելի չէ բաց սահմաններ յայտարարել եւ թոյլ տալ, որ զոհն ու ոճրագործը հաւասարապէս ողողեն ամերիկեան քաղաքները (ուր, ի դէպ, բնակարանազուրկերու թիւը յարաճուն վերելքի մէջ է` կիսամիջոցներ որդեգրելու մղելով պետական սպասարկութիւններ): Լռութեան կամ անտեսումի կը մատնուին այն հրապարակումները, որոնք ցոյց կու տան, որ լատինամերիկեան խնդրոյ առարկայ երկիրներուն մէջ նոյնինքն Ուաշինկթընի բացայայտ կամ լուռ համախոհութեամբ ստեղծուած անմարդկային ու ոճրածին պայմանները փոքրամասնութեան մը կողմէ չարաշահումներն են բազմահազարներ գաղթի մղողը` ստեղծելով տագնապ մը, որ զերծ չէ… քաղաքական չարաշահումէ:

Բնականաբար կարելի է կարկինը տարածել դէպի այլ ցամաքամասեր, հասնիլ Ափրիկէ, Միջին Արեւելք` երթալ նաեւ դէպի արեւելք, տեսնելու համար, որ տարբեր երկիրներու եւ գօտիներու մէջ ինչպիսի՛ բացայայտ միջամտութիւններ պատճառ դարձած են վերջին տարիներու գաղթի յարաճուն ալիքներուն, որոնք անհատնում ցունամիի պէս կ՛ողողեն Եւրոպան, գաղթի ճամբուն վրայ հազարաւորներ ջրամոյն կ՛ըլլան կամ տեղ հասնելէ ետք, կողոպտուած ու անկարողութեան մատնուած` զիրենք հիւրընկալող երկիրներու մէջ կը մատնուին ասելի ու անասելի պատուհասներու, խայտառակ վիճակի: Լուսանցքի վրայ ձգուած հարցերէն մէկն ալ գաղթականներ փոխադրողներուն ապահոված շահերն են, որոնց հաշիւը ոչ ոք կը պահէ, ինչպէս որ չի պահուիր հաշիւը… Միջին Արեւելքի տագնապահար երկիրներուն պաշտօնական կողոպուտին:

Պատանդ բռնելու տարբեր ձեւեր կը ստեղծուին ու կը հնարուին ամէն օր, պետական բարձրագոյն մակարդակներու վրայ, օրէնք կիրարկելու ու ժողովուրդին կամքը կատարելու շղարշներով պատուած:

…Բնական աղէտները տագնապ կը ստեղծեն կարճ ժամանակի համար: Մարդակերտ պատուհասները ժամանակի սահմանափակում չունին, մանաւանդ որ զոհերը նոյնինքն դահիճներուն կողմէ կը մատնուին անկարողութեան, անդամալուծութեան, անոնց կը ներարկուի այն տեսակէտը, որ այդ բոլորը կ՛ըլլան իր անունով, իր շահերուն պաշտպանութեան համար:

Սուտին պոչը կրնայ երկարիլ, բայց` ոչ յաւիտենապէս:

26 Դեկտեմբեր 2018

 

Ընկերային Արդարութիւնը Դաշնակցութեան Համար Հիմնական Օրակարգ Է

$
0
0
ՀՅԴ-ի Անդամ Արթուր Խաչատրեանի Ելոյթը Թեհրանի Մէջ` ՀՅ Դաշնակցութեան 128-ամեակին Առիթով

Նախ կը ցանկանայի շնորհակալութիւն յայտնել Դաշնակցութեան օրուայ տօնակատարութեանը ինձ` որպէս բանախօսի Իրանի մայրաքաղաք Թեհրան հրաւիրելու համար:

Իրանի հայ համայնքը Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի հնագոյն, աւանդական եւ ամենախոշոր ու աչքի ընկնող համայնքներից է: Աշխարհասփիւռ հայ գաղթօճախների մէջ այն բացառիկ է առաջին հերթին նրանով, որ դարերի ընթացքում անխզելի ու սերտ կապերով կապուած է եղել մայր հայրենիքի, յատկապէս, նրա արեւելեան հատուածի հետ: Դարերի ընթացքում ապրելով բուն հայրենիքի սահմաններից դուրս` Իրանի հայ համայնքը հանդիսացել է արեւելահայ լեզուի, մշակոյթի եւ հարուստ աւանդոյթների պահպանման, զարգացման եւ հարստացման բացառիկ կարեւոր օճախներից մէկը:

Իրանահայ համայնքի բացառիկութիւնը կայանում է նաեւ նրանում, որ եթէ Մերձաւոր Արեւելքի մի շարք երկրների հայ համայնքները հիմնականում ձեւաւորուել կամ վերակազմաւորուել են նոր եւ նորագոյն ժամանակներում, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութիւնից եւ Արեւմտեան Հայաստանի հայաթափումից յետոյ, Իրանի հայ համայնքը գոյութիւն է ունեցել խորը հնութիւնից սկսած, աչքի ընկնելով որպէս կատարելապէս ձեւաւորուած ու հաստատուն մի համայնք:

Իրանահայ համայնքը ծնունդ է տուել մի շարք հայ նոր գաղութների ու գաղթօճախների: Հանրայայտ իրողութիւն է, որ 17-18 դարերում Հնդկաստանում, հարաւարեւելեան Ասիայի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի մի շարք երկրներում ձեւաւորուած հայ համայնքները, ըստ էութեան, հանդիսացել են իրանահայ գաղթօճախների շարունակութիւնը: Ուստի անվարան կարելի է ասել, որ այն իրաւունք ունի կոչուելու սփիւռքի մայր համայնք:

Անուրանալի է պարսկահայ համայնքի մասնակցութիւնը 19-րդ դարավերջի ու 20-րդ դարասկզբի հայ ազգային ազատագրական պայքարին: Բաւական է միայն յիշել, որ`

Պարսկաստանի խորքից եկել է նամակ,
Գնում ենք բարով, կ՛ուշանանք դարով
Արիւն, սուր ու հուր, պատերազմի դաշտ, կը սպասեն մեզի…

Իրանահայ համայնքի բացառիկ կարեւոր դերը հայ ժողովրդի կեանքում չի սահմանափակւում նշուած իրողութիւններով: Չափազանց մեծ է եղել այդ համայնքի դերը Արեւելեան Հայաստանում հայահաւաքի եւ հայութեան համախմբման գործում, թէ՛ 1828-ին` Թուրքմէնչայի պայմանագրից յետոյ, թէ՛ արդէն 20-րդ դարի 40-ական թուականներին, երբ իրանահայերի մի ստուար խումբ ներգաղթեց Խորհրդային Հայաստան: Ի դէպ, իմ նախնիներն էլ են 1828-ին Խոյից գաղթել Երեւան:

Չեմ ուզում առաւել մանրամասնօրէն անդրադառնալ իրանահայ գաղութի ողջ դարաւոր պատմութեանը, նշել այն բոլոր ձեռքբերումները, որը դուք ունէք, այն բոլոր յաջողութիւնները, որ դուք արձանագրել էք հայապահպանութեան գործում, Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներում, այն յարգանքին, որը դուք վայելում էք Իրանում: Վստահ եմ, որ ձեզ այդ յաջողութիւններն աւելի յայտնի են: Բաւ է միայն յիշել արցախեան ազատամարտի ու Հայաստանի անկախութեան վերակերտման բնագաւառում ձեր ունեցած ներդրումը, մարդկային, ֆինանսական ու բարոյական աջակցութիւնը:

Խորապէս համոզուած եմ, որ Թեհրանի եւ Իրանի հայ համայնքի, գաղութի կեանքը այլ կը լինէր, եթէ չլինէին գաղութում Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ Դաշնակցութեան ուղեկից կառոյցները: Կամ կը լինէ՞ր արդեօք այս գաղութը: Պատահակա՞ն է արդեօք, որ մենք կորցնում ենք այն գաղութները, որտեղ չկայ Դաշնակցութիւնն իր ուղեկից կառոյցներով: Չեմ կարծում: Հակառակը օրինաչափութիւն է: Ուժեղ են մեր այն գաղութները, որտեղ ուժեղ է Դաշնակցութիւնը, ուժեղ են ուղեկից կառոյցները:

Այսօր մենք նշում ենք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 128-ամեակը` Դաշնակցութեան օրը: Դաշնակցութիւնը հայ իրականութեան անբաժան մասն է 19-րդ դարից, իսկ այսօր արդէն 21-րդ դարն է: Այսօր, այս տօնական օրը մենք պարտաւոր ենք եւս մէկ անգամ արժեւորել Դաշնակցութեան գործունէութիւնը, նրա տեղն ու դերը հայ իրականութեան մէջ, հայ ժողովրդի կեանքում:

Դաշնակցութիւնը մարմնաւորում է մեր ժողովրդի իղձերն ու նպատակները` ապրել ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիքում: Այս նպատակին հասնելու համար երեք դարերի ընթացքում տասնեակ հազարաւոր դաշնակցականներ պայքարում են սրով, գրչով եւ բահով:

Դաշնակցութիւնն էր, որ կազմակերպեց ու ղեկավարեց հայոց զինեալ պայքարը եւ ժողովրդի ինքնապաշտպանութիւնը 19-րդ դարի վերջում եւ 20-րդ դարի սկզբում: Դաշնակցութիւնն էր, որ դարերի ընդմիջումից յետոյ վերականգնեց հայոց պետականութիւնը: Անկախ պետականութեան կորստից յետոյ կազմակերպեց սփիւռքը, նուիրուեց հայապահպանութեան գործին, արթուն պահեց անկախութիւնը վերականգնելու յոյսը: Դաշնակցութիւնն էր, որ արցախեան ազատամարտի առաջին օրերից կանգնեց ռազմաճակատի առաջնագծում: Այն ժամանակ, երբ խորհրդային վերակառուցումով խանդավառ ժողովուրդը «Լենին, փարթիա, Կորպաչով» էր վանկարկում, Դաշնակցութիւնն Արցախում զինեալ ջոկատներ էր ստեղծում, կամաւորներ էր զինուորագրում: Ցաւօք, նրանցից շատերը չվերադարձան տուն…

Խօսելով անկախ պետութեան վերակերտման մասին` չեմ կարող չանդրադառնալ որոշ «քննադատների» այն մեղադրանքին, թէ Դաշնակցութիւնն է մեղաւոր, որ հայ ժողովուրդը կորցրել է Վանը, Արտահանը, Կարսն ու Էրզրումը, 160.000 տարածքից 30.000 քառակուսի քիլոմեթր են թողել, այն էլ` միայն շնորհիւ նրա, որ պոլշեւիկները մեզ եկան ու փրկեցին: Երբ լսում եմ այս վայ քննադատներին, յիշում եմ Այնշթայնի յայտնի խօսքերը. «Աշխարհում անսահման են միայն տիեզերքն ու մարդկային ապուշութիւնը, ընդ որում, առաջինի մասով դեռ կասկածներ ունեմ»: Նրանք մոռանում են, որ մինչեւ 1918 թուականի մայիս, դարեր շարունակ հայոց գահը կորցնելուց յետոյ, Հայաստանը եղել է զուտ աշխարհագրական տեղանուն, եւ Դաշնակցութիւնն էր, որ Հայաստանը դարձեալ դարձրեց քաղաքական անուն: Մի պահ պատկերացնենք մղձաւանջային իրավիճակ, երբ Հայաստանի այն ժամանակուայ թշնամիները դարձեալ միաւորուեն Հայաստանի դէմ, տեսնեմ` այդ հերոսները Հայաստանից ի՞նչ կը կարողանան փրկել:

Հայաստանի անկախութեան վերականգնումից յետոյ էլ Դաշնակցութիւնը միշտ սատարել է մեր պետականութեան կայացմանը, նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ օրուայ իշխանութիւնների կողմից քաղաքական հալածանքների էր ենթարկւում: Յիշենք 1992-ին ընկ. Հրայր Մարուխեանի արտաքսումը Հայաստանից, 1994-ի դեկտեմբերին ՀՅԴ գործունէութեան կասեցումը Հայաստանում ու մեր բազմաթիւ ընկերների կալանաւորումը` կեղծ մեղադրանքով, 1995-ին նոր բանտարկութիւններ ու ընտրութիւններին մեր մասնակցութեան արգելքը:

Այո՛, մենք մաս ենք կազմել Հայաստանի կառավարութիւններին, համագործակցել ենք այդ օրուայ իշխանութիւնների հետ: Սակայն, մաս կազմելով կառավարութեանը, մենք ունեցել ենք մեր ուրոյն ոճն ու ձեռագիրը` երբեք չնոյնանալով իշխող կուսակցութեան հետ, փորձելով ներսից շտկել կառավարութեան քաղաքականութիւնը` առաջնորդուելով «փոքր արդիւնքն արդիւնքի բացակայութիւնից աւելի լաւ է» սկզբունքով: Երբեմն դա մեզ յաջողուել է` դրական արդիւնք արձանագրելով, երբեմն` ոչ կամ ոչ այն աստիճանի, որ կը ցանկանայինք:

Սակայն իշխանութիւնը մեզ համար երբեք ինքնանպատակ չի եղել: 2009-ին մենք, համաձայն չլինելով Սերժ Սարգսեանի, այսպէս կոչուած, «նախաձեռնողական արտաքին քաղաքականութեան» հետ (որը նաեւ ստացաւ «ֆութպոլային դիւանագիտութիւն» անունը), ՀՅԴ-ն դուրս եկաւ իշխող քոալիսիոնից եւ դարձաւ կառավարութեան անխնայ քննադատը: 7 տարի լինելով ընդիմադիր` մենք 2016-ի գարնանը, ընդունելով այն ժամանակուայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրքը, մաս կազմեցինք նոր կառավարութեանը: Ի հարկէ, կը հարցնէք` ինչո՞ւ Դաշնակցութիւնը միացաւ այդքան ցածր ժողովրդականութիւն ունեցող կառավարութեանը: Պատճառը պարզ էր: Երկրում ընկերային-տնտեսական իրավիճակը խիստ ծանր էր, Հանրապետականները գիտակցում էին, որ անհրաժեշտ է Դաշնակցութեան հետ համագործակցել` իրավիճակը շտկելու ուղղութեամբ: Մենք չէինք կարող խուսափել մեր բաժին պատասխանատուութիւնից, մանաւանդ` հաշուի առնելով, որ նրանք նաեւ գիտակցել էին, որ թուրքերի հետ սիրախաղերը որեւէ արդիւնքի չեն հասցնի, եւ Հայաստանն իր ստորագրութիւնը ետ էր կանչել ժընեւեան չարաբաստիկ արձանագրութիւններից:

Միանալով կառավարութեանը` մենք շարունակել ենք ներսից պայքարել իրական բարեփոխումների անցկացման համար` մշտապէս երկրի ղեկավարութեանը մատնացոյց անելով երկրում առկայ դժուարութիւնները, ժողովրդական դժգոհութեան աճող մակարդակը, փտածութեան երեւոյթների անթոյլատրելիութիւնը, քրէական եւ պիզնես շրջանակաների (այսպէս կոչուած` օլիկարխների) քաղաքական դաշտ մուտք գործելու անթոյլատրելիութիւնը: Առանձնապէս շեշտադրել էինք փտածութեան դէմ պայքարի անհրաժեշտութիւնն ու 2017 թուականին ազատ, արդար ու թափանցիկ խորհրդարանական ընտրութիւններ անցկացնելու հրամայականը: Ցաւօք սրտի, մեր նախազգուշացումները տեղ չհասան: Ընկերային բեւեռացումը, տնտեսութեան ու քաղաքականութեան մէջ կլանային համակարգի ձեւաւորումը, փտածութեան եւ բացայայտ աճուրդի վերածուած ու ժողովրդի տրամադրութիւնները չարտայայտող խորհրդարանական ընտրութիւնները Հայաստանում ժողովրդական ընդվզումը դարձրեցին անխուսափելի:

Զարգացումների հետագայ ընթացքին դուք անշուշտ տեղեակ էք:

Մենք յայտարարեցինք, որ աջակցում ենք ժողովրդական շարժմանը եւ պատրաստ ենք մեր բոլոր ջանքերը ներդնել երկրում սկսած գործընթացները յաջողութեամբ պսակելու համար: Մայիսի 8-ին Նիկոլ Փաշինեանն ընտրուեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ եւ հրաւիրեց Դաշնակցութեանը մաս կազմելու ազգային համաձայնութեան կառավարութեանը: Կառավարութիւնում ՀՅԴ ստանձնեց նախարարական երկու աթոռ` տնտեսական զարգացման եւ ներդրումների նախարարութիւնը (աւելի յաճախ այս նախարարութիւնը կոչւում է իր հին անունով` տնտեսութեան նախարարութիւն) եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը: Վերջինիս պատասխանատուութիւնը ստանձնեցի ես: Դաշնակցութիւնը ստանձնեց նաեւ երկու մարզերի` Արագածոտնի եւ Գեղարքունիքի պատասխանատուութիւնը:

Գիւղատնտեսութեան ոլորտում վերանայուեցին պիւտճէական ֆինանսաւորմամբ իրականացուող բոլոր ծրագրերը: Որդեգրուեցին մի քանի յստակ մօտեցումներ, որոնք բխում էին Դաշնակցութեան արժէքային համակարգից:

Գիւղն ու գիւղատնտեսութիւնը հնարաւոր չէ տարանջատել իրարից, չկայ զարգացած գիւղատնտեսութիւն` առանց զարգացած գիւղի, մանաւանդ` հաշուի առնելով, որ գիւղաբնակների եկամտի եթէ ոչ միակ, ապա հիմնական աղբիւրը գիւղատնտեսութիւնն է:

Հայաստանի գիւղատնտեսական արտադրանքի առաւել քան 90 տոկոսը գալիս է փոքր գիւղացիական տնտեսութիւններից: Հետեւաբար հէնց այս փոքր տնտեսութիւնները պէտք է դառնան պետական աջակցութեան շահառուները, այլ ոչ թէ` խոշոր հողատէրերը, ում հարստութիւնն աւելի մեծ է, քան` երկրի ողջ գիւղատնտեսական պիւտճէն.

Գիւղատնտեսութիւնը դարձնել բարեկեցիկ ու արժանապատիւ կեանքի, այլ ոչ թէ` գոյատեւման միջոց: Աջակցել փոքր տնտեսութիւններին ընդլայնել իրենց հնարաւորութիւնները, դուրս գալ եկամտաբերութեան աւելի բարձր մակարդակի:

Էապէս կրճատել չմշակուող եւ ոչ ըստ նպատակի օգտագործուող գիւղատնտեսական հողատեսքերի մակերեսը: Անթոյլատրելի է, որ Հայաստանի նման սակաւահող երկրում չմշակուեն վարելահողերի առաւել քան 40 տոկոսը եւ չօգտագործուեն արօտավայրերի մօտ 60 տոկոսը:

Պետական վարկեր տրամադրել անմիջապէս գիւղացիներին, այլ ոչ թէ` տարատեսակ միջնորդներին, օրինակ` պարարտանիւթ կամ վառելիք ներկրողներին:

Նպաստել հողի արդիւնաւէտ շուկայի ձեւաւորմանը եւ հողերի խոշորացմանը:

Պետական դրամաշնորհների տեսքով խրախուսել բարձրարժէք գիւղատնտեսութեան զարգացումը:

Դաշնակցական նախարարներն ու մարզպետներն իրենց խղճի պարտադրանքով որեւէ ջանք չէին խնայում իրենց ոլորտների կամ մարզերի զարգացման համար: Օգոստոսի վերջին շաբաթից մինչեւ սեպտեմբերի վերջին շաբաթը ես 29 օր, առանց հանգստի եղել եմ աշխատավայրում, 2 անգամ այցելել եմ Արցախ (պաշտօնավարմանս 4,5 ամիսների ընթացքում Արցախ այցելել եմ 3 անգամ, աւելի շատ` քան որեւէ այլ նախարար այդ ժամանակահատուածում), 2 անգամ Տաւուշի եւ Արմավիրի մարզեր, մէկական անգամ Գեղարքունիքի, Արարատի ու Վայոց Ձորի մարզեր:

Ինչեւէ, Հայաստանում քաղաքական մթնոլորտը գնալով շիկանում էր: Քաղաքական խորհրդակցութիւնները քաղաքական ուժերի միջեւ կանգ առան, հաղորդակցութեան խողովակները խցանուեցին, առաջացան ջրբաժաններ: Յատկանշական է, որ օգոստոսի 17-ի հանրահաւաքին, երբ կառավարութիւնը ներկայացնում էր իր 100 օրուայ հաշուետուութիւնը, չէին հրաւիրուել ո՛չ դաշնակցական, ո՛չ ԲՀԿ-ական, ո՛չ Լուսաւոր Հայաստան կամ Հանրապետութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչները: Չէին հրաւիրուել նոյնիսկ անկուսակցական նախարարները, ովքեր կառավարութիւնում ընդգրկուել էին Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան մասնաբաժինով:

Երեւանի աւագանու ընտրութիւնները ցոյց տուեցին, որ ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնն այլեւս երկար չի դիմանայ: Իշխող քաղաքական ուժը` առանց կառավարութեան գործընկերների հետ քննարկումների, առանց համապատասխան ընտրական միջավայրի ձեւաւորմանը, պարտադրեց ընտրութիւններն անցկացնել այս տարուայ դեկտեմբերին: Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը ցրուեց, ՀՅԴ-ն ետ կանչեց իր նախարարներին:

Այո՛, մենք ողջունել ենք յեղափոխութիւնը, աջակցել ենք յեղափոխութեան առաջնորդներին այն ժամանակ, երբ նրանք ձերբակալուած են եղել, աշխատել ենք կառավարութիւնում` փորձելով արդիւնաւէտ բանավէճի միջոցով գտնել երկրի զարգացման ամենաարդիւնաւէտ ճանապարհը: Բայց մի բան է` աջակցել յեղափոխութեանը, այլ բան է անվերապահօրէն աջակցել յետյեղափոխական զարգացումներին: Մենք ունենք երկրի զարգացման մեր տեսլականը եւ պատրաստ ենք աջակցել ցանկացած նախաձեռնութեան, անկախ նրանից, թէ ո՛վ է հեղինակը, եթէ այդ նախաձեռնութիւնը համահունչ է մեր տեսլականին, եւ պայքարելու ենք այն նախաձեռնութիւնների դէմ, որոնք հակասում են մեր սկզբունքներին ու երկրի հետագայ զարգացման մեր պատկերացումներին:

Այսօր, նշելով Դաշնակցութեան 128-ամեակը, անհրաժեշտ է յստակեցնել մեր մօտեցումները Հայաստանի ապագայի մեր տեսլականի վերաբերեալ:

Այո՛, դեկտեմբերեան խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնների արդիւնքում մենք առաջիկայ մի քանի տարիների ընթացքում խորհրդարանում ներկայացուած չենք լինելու: Կը լինենք արտախորհրդարանական ընդդիմութիւն: Բայց ոչ թէ` ընդդիմութիւն, ում նպատակն է ամէն կերպ պախարակել կառավարութեանը եւ տանել նրան ի ձախողումն, այլ` կառուցողական ընդդիմութիւն, ով կը քննադատի սխալ քայլերը եւ կ՛ողջունի դրական ընթացքը:

Երկրի շահերից է բխում, որ ընտրութիւնների արդիւնքում ձեւաւորուած միաբեւեռ խորհրդարանին` որպէս հակակշիռ գործի ուժեղ եւ սկզբունքային արտախորհրդարանական ընդդիմութիւն: Պէտք է յստակ գիտակցենք` ընդդիմադիրը նա չէ, ով ամենաբարձրն է գոռում, կամ ամենաթունդն է հայհոյում իշխանութիւններին: Ընդդիմութիւնն իշխանութիւններից սկզբունքային տարբերութիւններ պէտք է ունենայ: Իսկ որո՞նք են մեր սկզբունքային տարբերութիւններն այսօրուայ իշխանութիւններից:

Մենք հանդէս ենք գալու որպէս ազգային եւ ընկերվարական ուժ` հակադրուելով թէ՛ յեղափոխութիւնից յետոյ գլուխ բարձրացրած տարատեսակ աշխարհաքաղաքացի եւ մեր ազգային արժեհամակարգը վտանգող ուժերին, թէ Հայաստանի տնտեսկան աճը խոչընդոտող ազատական տնտեսական համակարգի ջատագովներին:

Մեր տնտեսական քաղաքականութիւնը հիմնուած է մեր ընկերվարական արժեհամակարգի վրայ, ազատութեան, արդարութեան եւ համերաշխութեան սկզբունքների վրայ:

Ազատութիւնը բացառում է որոշումների կայացումը պարտադրանքի կամ սպառնալիքի տակ` կանխելով անհատի նկատմամբ պետութեան ու հասարակութեան կողմից կամայական ոտնձգութիւնները եւ սահմանափակումները: Մենք երբեք չենք ուզել ազատ կամքի բռնութիւն եւ երբեք չենք հանդուրժելու, որ մեր հայրենիքում ազատ մարդու նկատմամբ բռնութիւններ կիրառուեն լինեն արտօնեալներ, որոնք վեր են օրէնքից: Միեւնոյն ժամանակ մենք գիտակցում ենք, որ իրական ազատութեան կարելի է հասնել, երբ ապահովուած են տնտեսական եւ ընկերային նախադրեալները, մարդն ունի ընկերային երաշխիքներ, որոնք ապահովում են նրա ազատ կամարտայայտութիւնը եւ ազատօրէն որոշումներ կայացնելու հնարաւորութիւնը:

Արդարութիւնը ենթադրում է կատարած աշխատանքի դիմաց համարժէք վարձատրութիւն, ինչպէս նաեւ ընկերային ապահովութեան հաւասար երաշխիքներ` անկախ ընտանեկան դրութիւնից, սեռից, տարիքից, ընկերային ծագումից, ունեցուածքից եւ այլ տարբերակիչ յատկանիշից: Մենք թերեւս միակ լուրջ քաղաքական ուժն ենք Հայաստանում, որ խօսում ենք ոչ միայն տնտեսական արժէքի ստեղծումից, այլեւ այդ արժէքի արդար բաշխումից:

Համերաշխութիւնը մարդկանց` միմեանց նկատմամբ պատասխանատուութիւն կրելու եւ փոխադարձաբար օգնելու պատրաստակամութիւնն է: Հարկերի միջոցով ֆինանսաւորուող ընկերային ապահովութեան քաղաքականութիւնը հասարակութեան համերաշխութեան դրսեւորումներից մէկն է, երբ հասարակութեան մի հատուածի միջոցներով պետութիւնը հոգ է տանում մէկ այլ հատուածի համար, օրինակ` թոշակառուների, գործազուրկների կամ սահմանափակ կարողութիւններով մարդկանց: Սակայն համերաշութիւնը չի կարելի սահմանափակել միայն պետութեան վերաբաշխիչ գործառոյթով: Համերաշխութիւնը հասարակութեան շաղախն է: Այն իրար է կապում ուժեղին եւ թոյլին, հարուստին եւ աղքատին, երիտասարդին եւ ծերունուն: Որեւէ ազգ կամ պետութիւն չի կարող դիմագրաւել արտաքին մարտահրաւէրներին, եթէ այն ներսից համերաշխ չէ:

ՀՅԴ տնտեսական հայեցակարգը, որը բխում է մեր արժեհամակարգից, հիմնուած է հետեւեալ երեք սկզբունքների վրայ.

Առաջանցիկեւ ներառական տնտեսական աճ,
Սոցիալական արդարութիւն,
Կայուն զարգացում:

Ընդ որում, այս երեք սկզբունքները մեզ համար հաւասար են: Տնտեսական աճը երբեք չի կարող առաւել առաջնային լինել, քան` կայուն զարգացումը (օրինակ` երբ տնտեսական աճն ապահովուում է բնութեան աղտոտման կամ բնական պաշարների անխնայ շահագործման հաշուին) կամ ընկերային արդարութիւնը: Ներառական տնտեսական աճ եւ դրանով էլ` համընդհանուր բարեկեցութեանը կողմնորոշուած եւ կայուն առաջընթաց ձեւաւորւում է միայն այն դէպքում, երբ այդ սկզբունքներն հաւասարապէս են հաշուի առնւում: Տնտեսական քաղաքականութիւնը պէտք է երաշխաւորի բարեկեցութեան նուազագոյն չափ, որպէսզի իւրաքանչիւր ոք կարողանայ իրականացնել իր հիմնարար իրաւունքները: Ազատ, արդար եւ համերաշխ հասարակութիւնը ենթադրում է անհատական եւ հասարակական բարեկեցութիւն: Բարեկեցութիւն հիմքն ու անհրաժեշտ պայմանը տնտեսական աճն է, քանի որ միայն բարձր արտադրողականութեամբ եւ տնտեսական արժէքի ստեղծմամբ է հնարաւոր ապահովել անհատական եւ հասարակական բարեկեցութիւնը:

Տնտեսական աճի մասին բոլորն են խօսում: Սակայն, ի տարբերութիւն Դաշնակցութեան, մնացած քաղաքական ուժերը յամառօրէն շարունակում են վստահել «շուկայի անտեսանելի ձեռքին»` կառավարութեան դերը սահմանափակելով միայն «բարենպաստ պայմաններ» ստեղծելու առաքելութեամբ: Մենք գտնում ենք, որ պետութիւնն էական դեր պէտք է խաղայ տնտեսութեան զարգացման հարցում: Մեքանիզմները բազմազան են` պետութիւն – սեփական հատուած գործընկերութիւնից մինչեւ պետական մասնակցութեամբ համակարգաստեղծ ձեռնարկութիւնների ստեղծում եւ առաւել ծանրավիճակում գտնուող մարզերում աշխատատար ոլորտների խթանում: Պետութիւնը պէտք է աջակցի փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններին, տեղական արտադրողին, խթանի արտահանումն ու ներմուծման փոխարինումը: Հիմա շատ է խօսւում, որ Հայաստանում այլեւս օլիկարխներ չկան, նրանք պայծառափոխուեցին խոշոր սեփականատէրերի: Բայց դրանից միեւնոյնն է` տնտեսութեան օլիկարխիկ կառուցուածքը չփոխուեց. իւրաքանչիւր քիչ թէ շատ եկամտաբեր ոլորտում գերիշխում է մէկ կամ մի քանի խոշոր ընկերութիւն: Այդ խոշոր սեփականատէրերը պիզնեսներ ունեն Հայաստանից դուրս, նրանց շահոյթը վերածւում է վիլլայի Միջերկրական կամ Քարայիպեան ծովափին, զբօսանաւի կամ եւս մէկ թանկարժէք մեքենայի: Մինչդեռ փոքր ձեռնարկութիւնների շահոյթը մնում է Հայաստանում, դառնում է երեխայի համար մի զոյգ նոր կօշիկ:

Տնտեսական աճը բարեկեցութեան անհրաժեշտ, բայց ոչ բաւարար պայման է: Որպէսզի ապահովուի անհատի եւ հասարակութեան բարեկեցութիւնը, անհրաժեշտ է, որ տնտեսական աճի արդիւնքից օգտուի ողջ հասարակութիւնը, աճն իր վրայ զգայ ամէն անհատ, ամէն ընտանիք: Համախառն ներքին արդիւնքի մեքենական աճը չի կարող եւ երբեք չի բերել համընդհանուր բարեկեցութեան աճին, եթէ արդիւնքն արդարացիօրէն չի բաշխուել հասարակութեան անդամների միջեւ: Զարմանալի չէ, որ բնակչութեան էական մասը խիստ թերահաւատօրէն վերաբերւում Հնա-ի աճի վերաբերեալ պաշտօնական վիճակագրութեանը: Նոյնիսկ եթէ այդ աճը կայ, այդ աճի բարիքներից բնակչութեան զգալի մասը չի օգտւում, քանի որ աճի արդիւնքները բաշխւում են ընկերային արդարութեան սկզբունքին հակառակ: Աճ ապահովողների զգալի մասը չի օգտւում տնտեսական աճի բարիքներից, չի զգում տնտեսական աճի հետեւանքները: Աւելի՛ն. մեծանում է հարուստների եւ աղքատների միջեւ գոյութիւն ունեցող անդունդը: Ընկերային արդարութիւնը Դաշնակցութեան համար հիմնական օրակարգ է: Դաշնակցութիւնը ձգտում է ընկերային երաշխիքով հասարակութեան, որտեղ իւրաքանչիւրին տրուած է նիւթապէս ապահովուած արժանապատիւ կեանքի երաշխիք` անկախ շուկայի վայր ի վերումներից, որպէսզի մարդն ազատօրէն կարողանայ մասնակցի երկրի հասարակական եւ քաղաքական կեանքին:

Կայուն զարգացումը Դաշնակցութեան տնտեսական քաղաքականութեան երրորդ առանցքային սկզբունքն է: Պետութեան քաղաքականութիւնը պէտք է ուղղուած լինի բնական պաշարների գերշահագործումը, հիւծումը բացառելուն, շրջակայ միջավայրի, այդ թւում` մարդու կեանքի եւ առողջութեան վրայ բացասական ազդեցութիւնը նուազեցնելուն, բնական պաշարների համալիր կառավարմանը եւ դրանցից ստացուող եկամուտների արդար բաշխմանը հասարակութեան բոլոր անդամների միջեւ: Բնական պաշարները հողը, ընդերքը, ջուրը, կենդանական ու բուսական աշխարհը, անտառն ու կենսոլորտը, համաժողովրդական սեփականութիւն են: Այս բնական դրամագլուխը ոչ միայն ներկայ, այլեւ ապագայ սերունդների բարեկեցութեան համար է: Մինչդեռ դրանց անխնայ ու չհամակարգուած շահագործումը, դրանցից ստացուած եկամուտները ոչ միայն բաւարար չափով չեն նպաստում քաղաքացիների բարեկեցութեան աճին, այլեւ խնդիրներ է յարուցում ներկայի եւ ապագայի առումով:

Սակայն կայունութիւնը զուտ բնապահպանական գործօն չէ: Կայուն տնտեսական զարգացումը պահանջում է, որ այսօրուայ քաղաքականութիւնը պէտք է միտուած լինի նաեւ վաղուայ բարեկեցութեան ապահովմանը: Այս նպատակով ընկերային պետութիւնն էական ներդրում է կատարում կրթութեան, առողջապահութեան, հիմնարար հետազօտութիւնների ու ենթակառուցուածքների զարգացման ուղղութեամբ:

Դաշնակցութիւնն ընկերվարական կուսակցութիւն լինելուց առաւել նաեւ ազգային կուսակցութիւն է: Ես չեմ ուզում հիմա խօսել մեր աւանդական արժէքների մասին` ընտանիք, դպրոց, եկեղեցի… Ժամանակն է սուղ: Սակայն կը ցանկանայի մի քանի խօսքով անդրադառնալ հայոց պահանջատիրութեան եւ Արցախի հարցերին:

Այո՛, մենք պայքարում ենք միացեալ Հայաստան կերտելու համար: Հայաստանի քաղաքական ուժերից մենք թերեւս միակն ենք, որ վառ ենք պահում կորցրած հայրենիքը ետ բերելու տեսլականը: Մի՞թէ միւսներն այսքան շուտ հիասթափուեցին: Մեզ կոչում են անյոյս վիպապաշտներ, որոնք քաղցր նիրհի մէջ են ապրում ու կեղծ յոյսեր են փայփայում: Իսկ ես ընդամէնը մէկ հարց տամ մեզ բոլորիս ու մեր քննադատներին. «Քանի՞սն էին 1985-ին պատկերացնում, որ 5 տարուց հզօր ու անսասան թուացող Խորհրդային Միութիւնն էլ փաստացի գոյութիւն չի ունենայ»: Մեզանից ո՞վ կարող է ասել, թէ աշխարհն ու մեր տարածաշրջանն ինչ տեսք կ՛ունենայ 5 տարի յետոյ: Մենք պարտաւոր ենք միշտ պատրաստ լինել ու միշտ օրակարգում պահել հայոց պահանջատիրութիւնը:

Հայաստանի արցախեան հատուածի հարցում մեր դիրքորոշումը ոմանք համարում են կոշտ կամ նոյնիսկ մարտաշունչ եւ պատերազմ հրահրող: Ո՛չ, մենք պատերազմ չենք ուզում: Մենք անցել ենք պատերազմի սարսափների միջով: Տեսել ենք մահ եւ աւերածութիւններ: Մենք խաղաղութիւն ենք ուզում: Բայց, ի տարբերութիւն որոշ չակերտաւոր գործնապաշտ քաղաքական գործիչների, մենք հասկանում ենք, որ միայն պատրաստ լինելով պատերազմին մենք կը կանխենք պատերազմի վտանգը, թշնամուն խաղաղութիւն կը պարտադրենք: Նրանք, որոնք այսօր խօսում են Արցախի հարցում զիջումների մասին, երբեք չեն եղել Արցախում, իրենց մաշկի վրայ չեն զգացել արցախեան ազատամարտի ցաւը, չեն զգացել արցախեան յաղթանակների բերկրանքը: Նրանք ընդամէնը նայում են վարչական քարտէսին ու ասում` ոչինչ, 5 քիլոմեթր այս կողմ, 5 քիլիոմեթր այն կողմ` որեւէ բան չի փոխուի: Չեն հասկանում, որ այդ 5 քիլոմեթրի ամէն մի միլիմեթրի համար արիւն է թափուել, եւ այդ սահմանը գծուել է, որովհետեւ այդ սահմանն է ապահովում մեր ժողովրդի անվտանգութիւնը: Չի կարելի այդքան հանգիստ վերաբերուել այդ զիջումներին: Եթէ մի քայլ յետ արեցիր, յետոյ էլի մի քայլ յետ կանէս, յետոյ` եւս մէկը: Մի բլուր, որ զիջեցիր, այդ բլուրի վրայ ազրպէյճանական հրանօթները կը կանգնեն, ու թէ՛ Ստեփանակերտը, թէ՛ Հադրութը, թէ՛ Մարտունին եւ թէ՛ Մարտակերտը դարձեալ հարուածի տակ կը յայտնուեն: Նաեւ աւելորդութիւն չի լինի այդ գործնապաշտ քաղաքական գործիչներին յիշեցնել, որ մեր հակառակորդներն արդէն սկսել են ազրպէյճանական Երեւանի մասին խօսել: Այսօր, երբ իշխանութիւնների թիկունքն ամուր է, մենք պէտք է առաւել միակամ ամրապնդենք մեր դիրքորոշումը արցախեան հարցի շուրջ եւ հէնց արմատից կանխենք զիջումների մասին ցանկացած ակնարկ:

Երկիրը կանգնած է նոր փուլի առաջ: Անցեալին արդէն վերադարձ չկայ: Այժմ պէտք է անցնել երկրի կառուցման բարդ ու պատասխանատու գործին: Լինելով արտախորհրդարանական ընդիմադիր ուժ, Դաշնակցութիւնն, իր համահայկական կառոյցով, ունի բաւականաչափ կամք, միտք եւ ուժ` ստանձնելու երկրի նկատմամբ պատասխանատուութեան իր բաժինը: Որեւէ բանական մարդ չի կարող ցանկանալ իր կառավարութեան ձախողումը, քանզի կառավարութեան ձախողումը երկրի ձախողումն է: Ըստ այդմ, մենք կը քննադատենք ու կը պայքարենք կառավարութեան ցանկացած քայլի դէմ, որը կը վտանգի երկրի անվտանգութիւնը, տնտեսական աճն ու կը խաթարի ընկերային արդարութիւնը: Բայց միեւնոյն ժամանակ մենք կ՛աջակցենք ցանկացած նախաձեռնութեան, որը կը բերի Հայաստանի զարգացմանն ու հզօրացմանը»:

 

«Ազդակ»-ը 2018-ին. Սրընթաց Եւ Ապատեղեկատուութեամբ Յորդուն Լրատուադաշտին Մէջ Ճիշդ Ուղիին Վրայ Մնալու Ճիգով

$
0
0

Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Կ’ապրինք այնպիսի ժամանակներ, երբ ամէն ինչ արտօնուած կը թուի ըլլալ, երբ արագ եւ յառաջատար ըլլալը աւելի կարեւոր կը նկատուի, քան` ճշգրիտ ու վստահելի ըլլալը, երբ համացանցային բազմաթիւ հարթակներու վրայ սովորական անհատներ կը տեղադրեն լուրեր, նկարներ, տեղեկատուութիւն, որոնք կը տարածուին, կը հասնին աշխարհի չորս ծագերուն` առանց սահմանափակումի եւ ստուգումի: Այս բոլորին լոյսին տակ լրատուամիջոցներուն առաքելութիւնը սովորականին կողքին տարբեր բնոյթ կը ստանայ` հիմնականօրէն առաջնորդուելով այն սկզբունքով, որ արագ ըլլալու կողքին, նաեւ պէտք է ըլլալ ճշգրիտ, հաւաստի եւ վստահելի:

Ճիշդ է, որ այս իրողութիւնը նոր չէ, անոր դէմ յանդիման կանգնած է տպագիր մամուլի մէկ ներկայացուցիչը հանդիսացող «Ազդակ» օրաթերթը, բայց եւ այնպէս օրէ օր աւելի կը շեշտուի այս մարտահրաւէրը, անոր դէմ կանգնելու եւ հոսանքն ի վեր թիավարելու պարտականութիւնը կը ծանրանայ, որովհետեւ աւելի քան տիրական դարձած է մարդոց տենչը` ճիշդ կամ սխալ տեղեկութեան առաջին հաղորդողը ըլլալու:

«Ազդակ» կը շարունակէ 91 տարի առաջ բացուած իր ուղին, կը մնայ հաւատարիմ իր սկզբունքներուն, անշուշտ կը փորձէ ընթացիկին կողքին նորութիւններ բերել, թէեւ մերօրեայ պայմաններուն մէջ քիչ մը դժուար է ատիկա ընել, որովհետեւ մարդիկ ընդհանրապէս սկսած են հեռանալ ընթերցանութենէն, բայց եւ այնպէս մեր հաւատքը կը մնայ նոյնը, թէկուզ` քիչ մը ուշացած, սակայն ճիշդն ու հաւաստին դնել մեր յարգելի ընթերցողներուն տրամադրութեան ու հասողութեան տակ:

«Ազդակ-Բացառիկ»-ներ եւ յատուկ թիւեր

–  Փետրուարին «Ազդակ»-ի եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Ապառաժ»-ի միացեալ թիւը` արցախեան շարժման 30-ամեակին յատկացուած: Թիւը կը ներառէ այս առիթով Արցախի Հանրապետութեան նախագահի, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն ուղերձները, Արցախի պետական, հասարակական գործիչներու, խմբագիրներու խոհերն ու վերլուծումները, արցախեան շարժման մասնակիցներու յուշերը, «Ազդակ»-ի եւ «Ապառաժ»-ի խմբագրակազմերու անդամներու ստորագրութիւնները կրող յօդուածները: Միացեալ հրատարակութենէն մեծաքանակ առաքում կատարուեցաւ Արցախ` հասանելի դառնալու համար արցախահայութեան:

– Նկատի առնելով, որ արաբական աշխարհի լրատուական միջոցներուն մէջ Արցախի մասին պատմական տուեալներու եւ վերլուծումներու հրապարակումները քիչ են կամ` ժխտական արձագանգներով լի, հետեւաբար «Ազդակ արաբերէն» կայքը նախաձեռնեց արցախեան շարժումի 30-ամեակին առիթով յաջորդական ձեւով հրապարակել 30 նիւթ, որոնք առնչուեցան նախ Արցախի քաղաքակրթութեան եւ մշակութային զարթօնքին, ապա` իրաւական բնոյթ ունեցող նիւթերու, սկսած նախախորհրդային շրջանէն, ինչպէս նաեւ` Ղարաբաղը միջազգային օրէնքի լոյսին տակ: Միւս կողմէ` նիւթերը անդրադարձան արցախեան շարժումի պատմականին եւ արխիւային պաշտօնական նիւթերու հրապարակումին: Պատրաստուած նիւթերը ուղարկուեցան արաբական տարբեր երկիրենրու մէջ գործող ուսումնասիրութեան կեդրոններ:

– Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին առիթով «Ազդակ» դիմեց յատուկ նախաձեռնութեան մը` երիտասարդական յաւելուածի մը պատրաստութեան եւ հրատարակութեան: Հոն տեղ գտան զուտ երիտասարդական մտորումներ, ապրումներ, տեսակէտներ ու հեռանկարներ: Առաջին անգամն ըլլալով ապրիլեան բացառիկին բովանդակութիւնը կազմուած էր բացառապէս երիտասարդ գրիչներէ` Լիբանանէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն:

– Մայիսին տեղի ունեցած Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախօրեակին «Ազդակ»-ի 3-րդ էջին մէջ հաստատուեցաւ «Ընտրական քրոնիք», որուն տակ տարբեր գրիչներ ստորագրեցին ընտրութիւններուն, Դաշնակցութեան կեցուածքներուն վերաբերող նիւթեր:

– Մայիս 28-ի 100-ամեակին առիթով «Ազդակ» հրատարակեց յատուկ բացառիկ մը, որուն մէջ լուսարձակի տակ առնուեցան` մայիսեան խորհուրդն ու առաջին անկախութեան կարեւորութիւնը, զայն յիշատակելու եւ անոր մէջ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը լուսարձակի տակ բերելու անհրաժեշտութիւնը:

– ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին առիթով, 20 յուլիսին «Ազդակ» հրատարակեց յատուկ յաւելուած մը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ` միութեան պատմութեան, կարեւոր դէմքերուն եւ դէպքերուն, տարած գործունէութեան եւ ներկայ մարտահրաւէրներուն:

– Լիզպոնի հերոսական արարքին առիթով «Ազդակ»,  27 յուլիսի թիւին առընթեր, հրատարակեց յատուկ յաւելուած: Բովանդակութեան առանցքային բաժինը կազմեցին մեր երիտասարդ աշխատակիցներու խոհերն ու մտածումները` Լիզպոնի արարքի պատգամներուն գաղափարախօսական ընկալումները շեշտելով:

– 19 նոյեմբերին լոյս տեսաւ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծագոյն տեսաբաններէն Երուանդ Ֆրանգեանի ծննդեան 140-ամեակին եւ մահուան 90-ամեակին նուիրուած «Ազդակ-գաղափարաբանական» յաւելուածը:

– Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն առիթով, դեկտեմբերին «Ազդակ» հրատարակեց ՀՅ Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրը ներկայացնող յաւելուած մը:

Յայտնենք նաեւ, որ այս տարի բազմաթիւ առիթներով «Ազդակ»-ը լոյս տեսաւ գունաւոր:

100-ամեակ. Մեր Մասնակցութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով մեր թերթին նախաձեռնած աշխատանքները իրենց աւարտին չեն հասած. տարին ամբողջ յոբելենական է, եւ տարբեր միջավայրերէ կը հնչեն առաջարկներ` Ա. հանրապետութեան երկուքուկէս տարուան իրագործումները նշելու, պատմաքաղաքական իրադարձութիւններու այժմէականացման փորձեր կատարելով քննարկման եւ հրատարակչական նոր տարածքներ ձեւաւորելու:

Հիմա գանք մեր փոքր ածուին` նկատելու համար «Ազդակ»-ի կատարած մինչ այժմեան աշխատանքներուն ընդհանուր պատկերը:

Հիմնական երկու յայտարարուած առաջադրանքներ կատարուած են արդէն: Առաջինը, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկին մասնակցութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրուած բացառիկ թիւի հրատարակութիւնն էր: Թիւին բովանդակութիւնը ներառած է Ազգային ակադեմիայի գիտաշխատողներու, ինչպէս նաեւ սփիւռքի տարբեր շրջաններէ մամուլի աշխատակիցներու ուսումնասիրութիւններ, մտածումներ, հրապարակախօսական յօդուածներ: Բացառիկէն որոշ քանակութիւն ուղարկուած է Ազգային ակադեմիա, որ 100-ամեակի շրջագիծին մէջ լոյս տեսած հրատարակութիւններու ներկայացման ծրագիրներուն մէջ ներառած է նաեւ «Ազդակ»-ի հրատարակութիւնը:

Ազգային գրադարանին հետ մեր համագործակցութիւնը յանգած էր Ա. հանրապետութեան օրերուն լոյս տեսած մամուլի նկարահանուած օրինակներու մեր կեդրոնին մէջ թուայնացման: Այսօր արդէն կարելի է ըսել, որ Ա. Հանրապետութեան մամուլի օրինակներու այն հաւաքածոն, որ կը գտնուի Ազգային գրադարանին մէջ, թուայնացուած իր վերջնական տեսքով տրամադրելի վիճակի մէջ կը գտնուի:

Այս երկու առաջադրանքներուն առընթեր,  Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերաբերող գրականութեան, ալպոմներու, լուսանկարներու թուայնացման եւ ելեկտրոնային արխիւացումի որոշ նախաձեռնութիւններ կայացած են` իբրեւ աշխատանքի առաջին փուլ: Շնորհիւ ընտանեկան արխիւներէ խմբագրութեան տրամադրուած լուսանկարներու`այսօր մեր ելեկտրոնային արխիւին մէջ կը գտնուին` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետէն, կրթութեան եւ լուսաւորութեան նախարարէն, յատուկ բանագնացէն, Շիրակի նահանգապետէն, զինուորական նախարարէն եւ հանրապետութեան այլ կերտիչներէ եւ անոնց անմիջական մտերմութեան մէջ եղած ազգային-կուսակցական գործիչներու անտիպ լուսանկարներ: Լուսանկարներու ելեկտրոնային արխիւը համալրուած է նաեւ Հայաստանէն երիտասարդ գիտաշխատողներու մեզի տրամադրած դարձեալ անտիպ լուսանկարներու նմուշներով: «Ազդակ» իր հերթին փոխադարձած է` անոնց ուղարկելով իր մօտ գտնուող անտիպ լուսանկարներու ելեկտրոնային օրինակները:

«Ազդակ»-ի ելեկտրոնային գրադարանը հարստացած է այս առիթով Սիմոն Վրացեանի հաստափոր հատորով` «Հայաստանի Հանրապետութիւնը»: Ապա, իբրեւ նորագոյն հրատարակութիւն, արդէն աւարտած է այս ուղղութեամբ աշխատանքը Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսած հայոց պետականութեան վերածնունդի 100 էջերը գեղատիպ լուսանկարներ ամփոփող ալպոմին, ուր լոյս տեսած են ոչ միայն Ա. հանրապետութեան առնչուող լուսանկարներ եւ համապատասխան բացատրութիւններ, այլ նաեւ` բնագրային ձեռագիրներ, վաւերաթուղթեր:

«Ազդակ» նպատակ ունէր այս առիթով Արամ Մանուկեանի վերաբերող երեք հրատարակութիւնները թուայնացնելու: Կը սպասէինք, որ լոյս տեսնէր «Արամ Մանուկեանի նամականի»-ն, որ համալրեց «Արամը» հատորն ու Արամ Մանուկեան փաստաթղթերի եւ նիւթերի հաւաքածոյ»-ն:

Այսպիսով, Հրաչ Տասնապետեանի, Ամատունի Վիրապեանի եւ Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրած եւ Արամին նուիրուած հատորներու ելեկտրոնային տարբերակները ունին թուային տարբերակներ:

Ինչպէս ըսուեցաւ, 100-ամեակը ո՛չ մայիս ամիսով, ո՛չ ալ յոբելենական տարիով կը սահմանափակուի. իսկ ժամանակի այս յղացքը մեզ կը մղէ շարունակելու մեր ոլորտին հետ առնչուած նախաձեռնութիւններու իրականացման աշխատանքները:

Ազգային գրադարանին կողմէ նկարահանուած եւ Ա. հանրապետութեան պետական գործիչներու յատկապէս յուշագրական գրականութեան թուայնացման հեռանկարը մեզ կը մղէ անդադար աշխատելու այս ուղղութեամբ, մինչ Ազգային արխիւի հրատարակած «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նիստերի արձանագրութիւններ 1918-1920 թթ.» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պառլամենտի նիստերի արձանագրութիւններ 1918-1920 թթ.» արդէն ամբողջացուցած են թուայնացման աշխատանքի առաջին փուլը:

Բացառիկի հրատարակութիւն, օրաթերթի էջերով ուսումնասիրական բնոյթի յօդուածաշարքերու հրապարակում, արխիւային արժէք ունեցող անտիպ լուսանկարներու հաւաք եւ նկատառելի հաւաքածոյի գոյառում, նկարահանում, ելեկտրոնային գրադարանի համալրում, Ա. հանրապետութեան մամուլի թուայնացում, ընդհանրապէս Ա. հանրապետութեան հետ առնչուած հնատիպերու եւ յատկապէս Արամի նուիրուած հատորներու թուայնացում` գործակցութեամբ Ազգային ակադեմիայի, Ազգային գրադարանի, գիտահետազօտողներու եւ «Ազդակ»-ի բարեկամներու` մեր մարզի համեստ ներդրումն է մեզ իբրեւ ազգ եւ պետականութիւն փրկող մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրորոշ իրադարձութեան` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով:

Մամլոյ Լսարաններ

Այս տարի եւս շարունակուեցան «Ազդակ»-ի մամլոյ լսարանները, որոնք իրենց շուրջ համախմբեցին` մտաւորականներ, մամլոյ գործիչներ, գրասէրներ, երիտասարդներ եւ ներկայացուած նիւթերով հետաքրքրուողներ:

– 26 նոյեմբեր 2018-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 142-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր` «Հայկական ճարտարապետութիւնը` այսօր. Երեւանի կողմէ սփիւռքահայ ճարտարապետներու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը», իսկ զեկուցաբերը` Ալեքսանդր Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկի գիտական քարտուղար փրոֆ. Աշոտ Գրիգորեանը:

– 10 յուլիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին«Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 141-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր` «Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւերը` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի մասին», իսկ զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը:

– 9 յուլիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 140-րդ լսարանը, որուն ընթացքին «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեանը ներկայացուց «Աւանդական եւ նոր լրատուութեան հատման կէտեր» նիւթով դասախօսութիւնը:

– 7 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ 139-րդ լսարանը, որուն ընթացքին լուսանկարիչ եւ արուեստագէտ Արա Օշականը ներկայացուց «Լուսանկարչութիւն եւ ինքնութիւն (Լոս Անճելըս, Արցախ, Պէյրութ)» նիւթը:

– 2 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ 138-րդ մամլոյ լսարանը, որուն ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Վիքթոր Կատվալեանը ներկայացուց «Հայերէնի արդի խնդիրները» նիւթով դասախօսութիւնը:

– 1 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 137-րդ լսարանը, որուն ընթացքին գրականագէտ եւ արուեստաբան փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան ներկայացուց «Յակոբ Մնձուրի գրողի ուրոյն հայրենասիրութիւնը» նիւթով դասախօսութիւնը:

– 8 յունուար 2018-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 136-րդ լսարանը` «Ցեղասպանագիտութեան նոր ուղղութիւնները արխիւներէն դէպի իրաւական դաշտ» նիւթով: Զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Քոլոմպիա համալսարանի դասախօս դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանը:

Գործուղում

–  22 փետրուար 2018-ին Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Հայաստան կատարած այցելութեան, ինչպէս նաեւ հոկտեմբեր 11-ին Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովին ընդհանրապէս եւ  նախագահ Աունի գլխաւորած պատուիրակութեան աշխատանքներուն յատկապէս հետեւելու եւ ուղղակիօրէն անոնց լրատուութիւնը կատարելու նպատակով Հայաստան գործուղուեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեանը:

Համացանցային Հարթակներ

Ելեկտրոնային աշխարհին մէջ «Ազդակ» առաւել եւս տիրական դարձուց իր ներկայութիւնն ու դերակատարութիւնը` շնորհիւ համացանցային տարբեր էջերու, ծրագիրներու, որոնց միջոցով աշխարհի որեւէ վայրը գտնուող հայորդիներ տեղեակ եղան հայկական, շրջանային, միջազգային, գաղութային, Հայ դատի եւ ազգային տարբեր լուրերու եւ զարգացումներու մասին:

– «Ազդակ»-ի պաշտօնական կայքը` www.aztagdaily.com-ը, «Ազդակ»-ի կայքի արաբատառ բաժանմունքը` www.aztagarabic.com-ը կը շարունակեն իրենց աշխուժ աշխատանքները:

– «Ազդակ»-ի բովանդակութիւնը «էփլիքէյշըն» տարազով տրամադրելի է թէ՛ «Էփփըլ» եւ թէ՛ «Էնտրոյտ» դրոյթներու օգտատէրերուն: Նաեւ կայ «Ազդակ»-ի «մոպայլ» տարազը:

– Մեր ընթերցողները աշխարհի տարբեր շրջաններէ, տարբեր ժամերու կը հետեւին մեզի, յատկապէս` կայքին, Դիմատետրի, «Թուիթըր»-ի, «Էփլիքէյշըն»-ի եւ «Ինսթակրամ»-ի էջերուն` քաջալերող եւ պահանջող ըլլալու արդարացի իրաւունքով:

– Աշխուժ կերպով կը շարունակեն գործել վայրկեանը վայրկեանին, երբեմն նոյնիսկ տեղական թերթերէն ու կայքերէն աւելի արագ «Ազդակ»-ի կողմէ ամէնօրեայ դրութեամբ օգտատէրերուն ուղարկուող «նշումներ»-ը (notifications):

Շնորհահանդէսներ

– 29 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր` ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհահանդէսը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի:

Խօսք առին` «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեանը, Խաչիկ Տէտէեանը, Ահարոն Շխրտըմեանը, հատորի խմբագիր դոկտ. Արտա Ճէպէճեան եւ հատորի հեղինակ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը: Սրտի խօսքով հանդէս եկան Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին:

– Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանին եւ կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին, ուրբաթ, 28 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լեւոն Զաքի Ետալեանի «Գործ եւ գանձ» գիրքին շնորհահանդէսը:

Գիրքը ներկայացուց Սիլվի Աբէլեանը: Խօսք առաւ հատորին հեղինակը` Լեւոն Զաքի Ետալեանը, նաեւ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին: Աւարտին իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց Նարեկ արք. Ալեէմէզեանը:

– 12 սեպտեմբեր 2018-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցան «Հայոց պետականութեան վերածնունդի 100 էջերը» ալպոմին շնորհահանդէսը եւ վաւերագրական լուսանկարներու ցուցահանդէսը: Ալպոմը կազմած են Սեդա Գալստեանն ու Գաբրիէլ Փանոսեանը: Խօսք առին` Եսայի Հաւաթեանը, Հայաստանի պատմութեան թանգարանի նոր եւ նորագոյն պատմութեան բաժինի վարիչ Սեդա Գալստեանը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը եւ լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեանը:

–  28 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արամ Մանուկեան» մատենաշարին անդրանիկ հրատարակութիւններու` Կարօ Յովհաննէսեանի  «Սողոմոն Թեհլիրեան-1896-1960» եւ Վիգէն Աւագեանի «Խրիմեան Հայրիկ. գաղափարի եւ ազատութեան ջահակիրը» գիրքերուն շնորհահանդէսը: Զոյգ հատորները ներկայացուց եւ անոնց կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ առաւ Համբիկ Պիլալեանը. խօսքը տրուեցաւ Կարօ Յովհաննէսեանին եւ Վիգէն Աւագեանին: Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին:

Նշենք, որ այս շնորհահանդէսներուն բացման խօսքերը կատարեցին «Ազդակ»-ի ապագայ լրագրողները:

(Շար. 1)

 

 

2019-ի Հրաւէրը` Գիտակից Քննադատութիւն, Գործօն Մասնակցութիւն, Հաւաքական Ճիգ

$
0
0

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Սովորական տարի մը չեղաւ 2018 թուականը առհասարակ Լիբանանի հայութեան համար: Իբրեւ լիբանանցի քաղաքացի, հայ մարդը ցմրուր ապրեցաւ լիբանանեան բեմը յուզող տարաբնոյթ խնդիրները` քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, ապահովական, կրթական թէ կենցաղային մակարդակներու վրայ: Անցեալէն եկած խնդիրներուն վրայ կուտակուեցան նոր հարցեր, որոնք, հակառակ աւելի կանուխ երկրի ղեկավարի փոփոխութեան եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ո՛չ միայն չկրցան ստեղծուած յոյսերը իրականացնել, այլ յաւելեալ տագնապներու յառաջացումով քաղաքացիի եւ պետութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող վիհը աւելիով խորացուցին, յուսախաբութենէ յուսահատութիւն անցումային գիծը հատեցին, պետութեան եւ պետական հաստատութեանց նկատմամբ հաւատքը քանդումի ընթացքի մէջ դրին, յատկապէս երիտասարդութիւնը արտագաղթի առաջնորդեցին, ընտանիքներ բաժնեցին, առեւտրական հաստատութիւններ թէ գործարաններ փակեցին, անգործութեան համեմատութիւնը մեծապէս բարձրացուցին: Մէկ խօսքով` հակառակ քաղաքական թէ պետական պատասխանատուներու խոստումներուն, լիբանանցի քաղաքացիին համար ընդհանրապէս, եւ անոր հետ մէկտեղ լիբանանցի հայուն համար անցնող տարին եղաւ տագնապալի, բայց եւ այնպէս ինք ոչ մէկ յանցանք ու բաժին ունի այդ տագնապին ստեղծման եւ կացութեան բարդացման մէջ, ընդհակառակն` ինք մասնակից չէ երկրի աւարի բաժանման գործընթացին, փտածութիւնը կը մերժէ` բանիւ եւ գործով, ո՛չ ապահովական խախտումներ կը կատարէ, եւ ո՛չ ալ երկրի գոյատեւման եւ պետութեան գերիշխանութեան վտանգ կը ներկայացնէ, այլ իր անցեալով, փորձառութեամբ, ինքնուրոյն կեցուածքներով, անկախ քաղաքական մտածելակերպով, արտաքին ուժերու միջամտութիւնն ու ենթարկուածութիւնը մերժելով, լիբանանահայ քաղաքացին մնաց տիպար եւ միաժամանակ հպարտ ու հաւատարիմ քաղաքացի:

Ներհայկական մակարդակի վրայ, անցնող տարեշրջանը ընդհանուր իմաստով կարելի է աշխուժութեամբ յատկանշել: Մանրամասն անցուդարձերը այլ տեղ տեսնելու յոյսով, 2018-ի աշխուժ կեանքը 2019-ին աւելի խորքային, բովանդակալից, թիրախաւորուած ու նպատակային, հայութիւնը աւելի ամուր հիմերու վրայ եւ նոր հորիզոններու պատրաստ տեսնելու, նուաճումներ արձանագրելու, աւելի հայատրոփ ու հայադրոշմ դարձնելու, եսակեդրոն թուլութենէ հաւաքական,  գործի հասնելու եւ ծաւալելու, ցուցամոլութենէ, ցուցադրականութենէ ու քարոզչութենէ անդին լուրջ գործ կատարելու նախանձախնդրութեամբ մենք այսօր կը ներկայանանք մեր ժողովուրդին ու երիտասարդութեան` նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, նոր ակնկալութիւններով, նոր սպասումներով եւ մշտանորոգ յոյսերով:

Նախ եւ առաջ, Լիբանանի հայութիւնը իր ներքին կեանքի վերարժեւորման, բարելաւման, զարգացման ու բռնցքաւորման համար կարիքը ունի աշխուժ եւ մանաւանդ գիտակից քննադատութեան: Առանց քննադատութեան, ամէնէն յաջող, ամէնէն արդիւնաւէտ գործն ալ դատապարտուած է նահանջի, իսկ ամէնէն պայծառ նուաճումը` ժամանակի գլանին: Առողջ, աշխուժ եւ գիտակից քննադատութիւնը, անհատականէն վեր ընդհանրական երեւոյթներու քննարկումը, սխալներու մատնանշումը, բացթողումներու բացայայտումը, պատասխանատուութեանց ճշդումը կը նպաստեն մեր առօրեայի բարելաւման: Մեր ազգային կեանքի բոլոր մարզերն ալ հինէն եկած սովորութիւններով, աշխատելաձեւով ու թիրախներով աւելի կամ նուազ չափով շնորհակալ գործ կը կատարեն, նոյնիսկ երբեմն նախանձը գրգռելով ոչ հայկական շրջանակներու: Այս գործով բաւարարուիլը սակայն, յատկապէս արագասոյր ընթացքով ներկայ կեանքին ու անոր կրած փոփոխութիւններուն լոյսին տակ, մեզ կը զրկէ քայլ պահելէ առօրեային, բայց մանաւանդ շատ արագ եկող ապագային հետ:

Շնորհակալ գործ կը կատարեն մեր կեանքին մէջ գործող բոլոր միաւորները, անոնց պատասխանատուներն ու անդամները, որոնքկու տան իրենց հոգին, ժամանակը, նիւթականը, երբեմն ալ` սեփական առողջութիւնը:

Բայց միշտ ալ եղած են բացթողումներ, սրբագրելի երեւոյթներ, նոյնիսկ անընդունելի սխալներ:

Լիբանանի հայութիւնը, մեր ժողովուրդի կեանքին ու մեր Դատի հետապնդման մէջ իւրայատուկ դերակատարութեամբ, իւրայատուկ պարտաւորութիւնը ունի նաեւ ինքնասրբագրման` բոլոր մարզերուն մէջ: Եկեղեցիէն սկսեալ մինչեւ կուսակցութիւններ, կրթական մարզ, մշակութային, մարզական, բարեսիրական, բժշկական, մամուլ, քարոզչութիւն, հրատարակութիւններ, հանրային ձեռնարկներ, բոլորն ալ ոլորտներ են, որոնց գործունէութիւնը բնական պայմաններու մէջ իսկ վերաքննութեան, վերագնահատման ու վերաուղղուածութեան պարտին ենթարկուիլ: Այս պարտադրանքը աւելիով ճնշիչ կը դառնայ այսօր, երբ, յարաբերաբար անցեալին, կը նօսրանայ հայութիւնը, կը պակսին նիւթական աղբիւրները, կը բարձրանայ հայկականութենէ օտարում եւ օտարացում «արտագաղթը», օտարամուտ բարքերը, իսկ լիբանանեան «սովորութիւնները» կը հայկականանան:

Մեր դիմաց ցցուող խնդիրներու դիմակալումը կարելի չէ կատարել ընդհանուր հոսանքին հետ ըլլալու եւ սիրուելու ու հաճելի թուելու եսասիրութեամբ: Բոլոր մակարդակներուն վրայ, կրօնական, քաղաքական թէ հասարակական, պատասխանատուութիւնը սիրուելու եւ հաճելի թուելու արուեստը չէ, այլ հարցերը ճակատէն դիտելու, զանոնք տեսնելու, ելքեր որոնելու եւ անձնական օրինակով լուծումներ տալու արուեստն է:

Եւ այս իմաստով անհրաժեշտ է քննադատութիւնը, գիտակի՛ց քննադատութիւնը:

Քննադատութիւն, որ հիմնուած ըլլայ իրաւ ու ճիշդ տեղեկութեան վրայ, որ ըսի-ըսաւ ու բամբասանք չըլլայ, անձնական վիրաւորանք չըլլայ, այլ գործը բարելաւելու, ընդհանրական լաւը տեսնելու, աւելի լաւ վաղը կերտելու նպատակ ունենայ:

Երկրորդ, քննադատել կրնայ ա՛ն, որ մասնակից է ընդհանրական գործին: Այլ խօսքով` գիտէ, կը տեսնէ, կ՛ապրի տագնապը, բայց մանաւանդ դերակատար է տագնապները լուծելու աշխատանքին. հայկական իրականութենէն հեռու, հայութեան հետ իր կապը Ս. Ծննդեան հաղորդութեամբ, կղերականի մը կամ կուսակցական պաշտօնատարի մը ծանօթութեամբ սահմանափակող ու ատով գոհացող հայը, թէկուզ եւ իր սեփական կեանքով ու գործով յաջող մարդ, առանց մեր առօրեային տեղեակ ըլլալու, թերթ կարդալու, ձայնասփիւռ ունկնդրելու, մեր իրականութեան ծանօթ ըլլալու, չի կրնար, իրաւունք չունի՛ մեր կեանքը քննադատելու… Եւ դեռ, իր սեփական գործը կամ քմահաճոյքը գոհացում ստացած չըլլալով, քահանայէն կամ միութեան մը պատասխանատուէն, եւ կամ օր մը հայկական դպրոցի ուսուցիչէն նեղացած մարդը` քէնցած ու մէկ կողմ նստած, չի կրնար ճանչնալ իրականութիւնը միայն մէկ փորձառութեամբ, ու իբրեւ այդպիսին ո՛չ միայն տիրական ու վճռական կարծիքներ արտայայտել, այլ նաեւ մերժել այլակարծութիւնը եւ տարիներու փորձառութեամբ տրուած կարծիքները:

Ընդհանրական գործին մասնակից ըլլալը նախապայման է քննադատութեան, փոփոխութիւն յառաջացնելու, ի հարկին` յեղաշրջման:

Ու նոյն մեկնակէտով կարելի է դիտել երիտասարդականացման կամ կիներու իրաւունքներուն խնդիրը: Կարելի չէ մեր կեանքը երիտասարդացնել ու կիները պատասխանատուութեան դիրքերու վրայ տեսնել, երբ առօրեայ կեանքին մէջ անոնք բացակայ են, արդար կամ անարդար պատճառներով, եւ կամ անտեղի պատրուակներով: Բազմազբաղութիւնը, համալսարանական ուսումը, ընտանիքն ու զաւակները, խճողումը, տան հեռաւորութիւնը հարցեր են, որոնք միշտ գոյութիւն ունեցած են ու գոյութիւն պիտի ունենան: Մինչեւ այսօր մեր ազգային-հասարակական կեանքը ստանձնած այրեր ու կիներ երիտասարդ եղած են օրին, համալսարան յաճախած են, բազմազբաղ եղած են, խճողումի մէջ գտնուած են, ընտանիք ու զաւակ ունեցած են, բայց նուիրումով մասնակից դարձած են մեր կեանքին, քննադատած են երեւոյթներ, բայց իրենց գործով ու մասնակցութեամբ փորձած են ու յաճախ յաջողած որակական փոփոխութիւններ բերել:

Երրորդ, քննադատութիւնն ու հաւաքական գործին մասնակցութիւնը այսօրուան հրամայականներն են:

Մեր գաղութը աւելի քան երբեք հաւաքական գործի կարիքը ունի այսօր. հայկականութենէ հեռացումը, հայ մարդու տիպարի աղաւաղումը, օտարացումը, հայ եկեղեցիէն հեռացումը, հայկական արժէքներու ոտնակոխումը համահայկական հարցեր են Լիբանանի մէջ: Առաքելական, կաթողիկէ, աւետարանական, դաշնակցական, ռամկավար ու հնչակեան հայը, համայնավարը, միութենականն ու ոչ միութենականը, երիտասարդն ու տարեցը, ուսանողն ու անուսը, կինն ու այրը, միասեռականն ու սեռափոխուածը, համայնքային այս երկրին մէջ, մեր համայնքէն հեռացող հայախօսն ու արաբախօսը, հայկական թէ ոչ հայկական կուսակցութեան անդամը, բոլորս ալ անխտիր պարտաւոր ենք հաւաքական ճիգով վերարժեւորելու մեր իրականութիւնը, յաւելեալ մղում տալու կատարուող աշխատանքին, նոր կարիքներու դիմաց նոր նախաձեռնութիւններու դիմելու, մեր աւազանէն դուրս գտնուողները մօտեցնելու ու վերածուելու մէկ բռունցքի, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՌՈՒՆՑՔ-ի, հայը հայ պահելու ու հայութեամբ շնչելու հոգիի:

2019-ը գիտակից քննադատութեամբ, գործօն մասնակցութեամբ, հաւաքական ճիգի տարի պէ՛տք է ըլլայ:

 

 

Viewing all 12115 articles
Browse latest View live