Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12135 articles
Browse latest View live

Ֆրանսայի «Դեղին Բաճկոններ»-ու Շարժման Պատճառներէն Մին Նաեւ Հայաստանեան Խնդիր Է

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Թերեւս հայրենիքը ընտանիքի պէս է,
անոր արժէքը կը զգանք, երբ այլեւս չունինք»:

ԿԻՒՍԹԱՒ ՖԼՈՊԵՐ
ԺԹ. դարու ֆրանսացի մեծ գրող

Խորագիրը կրնայ զարմանք պատճառել: Սնապարծութեան որոնում չէ:

Ֆրանսայի «դեղին բաճկոններ»-ու շարժման պատճառներէն մին ուշադրութեան չարժանացաւ, քանի որ պատկերները այլապէս հետաքրքրական էին եւ տեղ չէին ձգեր խորքային հարցեր տեսնելու եւ քննելու:

Բազմաթիւ «դեղին շապիկներ», նիւթական զոհողութիւն ընելով, «գաւառներ»-էն մինչեւ մայրաքաղաք եկան ցոյցի: Աւելի՛ն. անոնք շարունակեցին ցոյցերը շաբթուան եօթը օրերուն, իրենց մեծ ու պզտիկ քաղաքներուն մէջ: Դժգոհութիւնը ունէր նաեւ հիմնական պատճառ մը, որուն քիչեր անդրադարձան. «գաւառական» շրջաններու բողոքը` փարիզեան մշակութային, տնտեսական եւ քաղաքական կեդրոնացման դէմ: Կարծէք` Ֆրանսան միայն Փարիզ էր: Այս կէտն է, որ զիս կը մղէ բաղդատութիւն ընելու Հայաստանի հետ:

Յաճախ մտածած եմ Հայաստանի բնակչութեան տեղաբաշխման պատկերին մասին եւ յիշած` հայրենի գրող Վիգէն Խեչումեանի խօսքը (կրկի՛ն կարդալ «Գիրք լինելութեան»-ը), ուր կայ հզօր պատգամ մը. «Մի քաղաքով ի՞նչ երկիր, դու միաւորիր ամբողջը»: Հայաստան պէտք է լսէ իր գրողին իմաստութիւնը եւ հասկնայ Ֆրանսայի «դեղին բաճկոններ»-ու ընդվզումին իսկական դրդապատճառ հանդիսացող մայրաքաղաքի եւ գաւառներու միջեւ գոյութիւն ունեցող անհաւասարութիւնը, անոնց անհաւասար զարգացումը:

Ֆրանսան մեծ երկիր է, ունի քաղաքական պատրաստուած դէմքեր, հաստատութիւններ, կառոյցներ: Թող ներուի, մեկնելով «դեղին բաճկոններ»-ու դժգոհութեան յիշուած պատճառէն,  հակիլ Հայաստանի կացութեան վրայ, որպէսզի վերանկախացման շրջանի շարունակուող խարխափումները վերջ գտնեն, եւ ազգին ու հայրենիքին համար հեռանկարային պատկերացումներով առաջնորդուինք:

 

Երկու նկարներու քաղաքները հայաստանեան են: Ինչո՞ւ մարդիկ պիտի չուզեն բնակիլ երկրորդին մէջ:           

Ասկէ առաջ ալ ըսած եմ, որ հակառակ մեզի հպարտութիւն պատճառող Երեւանի աճման` մենք չենք մտածեր Հայաստանի բնակչութեան տեղաբաշխման պատկերին մասին (բայց կ’երգենք` «Մեր փոքրիկ հողին դու մեծ երազանք»), մենք չենք ուզեր տեսնել երկիրը որպէս ամբողջութիւն մը` արժանի հաւասար ուշադրութեան: Երեւանէն հազիւ դուրս եկած, մենք մեզ կը գտնենք, ինչպէս կ’ըսուի, «Երրորդ աշխարհ»-ի պատկերներու առջեւ: Այդպէս է վերաբերումը երկրի վարիչներուն, որոնք պաշտօններ ունենալով գաւառը` կը բնակին Երեւան: Այդպէս կը վերաբերին նաեւ հայրենասէր տուրիստները, որոնք տեսարժան վայրերը կ’երթան միօրեայ արշաւներով եւ կը վերադառնան Երեւանի հիւրանոցը եւ կը գտնեն ճաշարանները, սրճարանները, խաղատուները:

Մարդիկ իրենց տուները կը վաճառեն եւ Երեւան կու գան: Պատճառներ եւ պատրուակներ միշտ կարելի է գտնել: Աշտարակը Երեւանի կից է, բայց հոն ալ մարդիկ իրենց տուները կը ծախեն, եթէ Լոս չերթան, Երեւան կու գան: Եթէ Երեւանէն դուրս գտնուող հայոց աշխարհը հայերով չբնակուի, ուրիշներ պիտի գան եւ տէր ըլլան: Բայց հայ ժողովուրդը ինչպէ՞ս տէր պիտի ըլլայ ազատագրուած եւ անկախացած հանրապետութեան:

Սուր կերպով կը դրուի Հայաստանի տարածքներու բնակեցման հարցը, որպէսզի Հայաստանը չդառնայ միաքաղաք երկիր:

Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութեան նախօրեակին ի զուր փնտռեցի թեկնածու մը, կամ կուսակցութիւն մը, որ այս հարցով հրապարակ գար: Ո՞վ պահանջեց, ո՞վ կը պահանջէ Հայաստանի տարածքներու բնակեցման քարտէսը: Երեւանէն Ստեփանակերտ ճամբու ընթացքին, առանց ընկերաբան ըլլալու, կը տեսնենք, որ բնակչութիւնը հետզհետէ կը նօսրանայ: Այս պարզ հաստատում է: Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, որ պետութիւնը ի՛նք կազմէր Հայաստան տարածքի բնակեցման պատկերը` թիւերով, ընկերատնտեսական եւ կրթամշակութային կառոյցներով:

Հայաստանի զարգացումը, անկախութիւնը, կենսամակարդակի բարձրացումը եւ կեանքի որակը կախում ունին իւրաքանչիւր թիզ հողի բնակեցումով: Զարգացման ծրագիրներու նպատակ պէտք է դարձնել այն, որ Սիսիանի, Ալավերդիի, Իջեւանի կամ Խաչիկ գիւղի բնակիչը ունենայ աշխատանք եւ մայրաքաղաքի կեանքի պայմանները. դպրոց, բժշկական խնամք, փոխադրամիջոցներ: Ի հարկէ պէտք չէ յուսալ, որ մէկ օրէն միւսը հրաշք պիտի պատահի: Բայց վաղը այսօր կը սկսի:

Բայց ինչո՞ւ Երեւանի մէջ սունկի պէս բուսնող «էլիտար», այսինքն որակաւոր կոչուած շէնքերու օրինակով պիտի չկառուցուին նաեւ շէնքեր Սպիտակի կամ Մեղրիի մէջ: Եթէ շրջանները զարգանան, Երեւանի բնակչութեան անհարկի աճը կը սահմանափակուի: Տակաւին, պետութիւնը ի՛նք պէտք է մշակէ քաղաքաշինութեան եւ կառուցապատման ծրագիր: Տեղ մը օրակա՞րգ է Երեւանի դիմագիծի պահպանումը, առողջապահական խնդիրը, նկատի առնելով կողք-կողքի բարձրացող բազմայարկ շէնքերը:

Վայրագ կառուցապատման փոխարէն` պետութիւնը կրնայ գործարաններ հաստատելու ծրագիր մշակել եւ դիւրութիւններ ընծայել: Ի՞նչ իմաստ ունի բազմայարկ շէնքեր կառուցել, եթէ միաժամանակ բնակչութեան համար աշխատանքի հնարաւորութիւններ պիտի չըլլան: Երեւանի կեդրոնի սրճարաններով եւ ճաշարաններով երկիրը ինքնաբաւութեան պիտի չհասնի: Ոչ ալ փակ դռներով եւ պատուհաններով տուրիստներու վաճառուած բնակարաններով: Եթէ արտադրական-արտածման ծրագրումով եւ իրականացումով չզարգանան Հայաստանի շրջանները, Երեւանը պիտի նմանի զբօսաշրջային հսկայ նաւերուն, որոնց վրայ մարդիկ արձակուրդի իրենց տասը կամ քսան օրերը կ’անցընեն:

Ֆրանսայի «դեղին բաճկոն»-ները բողոք էին շրջաններու անտեսման դէմ: Միտքը այն է, որ Վիեն, Վալանս, Լանս կամ Ալանսոն բնակիլը նոյնքան ցանկալի պէտք է ըլլայ, որքան` Փարիզ բնակիլը: Հայաստանի գաւառը օր մը կրնա՞յ այս ցանկութեամբ վերականգնիլ եւ զարգանալ, ցանկալի բնակավայր դառնալ եւ նոյնհետայն փրկել Երեւանը խեղդամահ ըլլալու վտանգէ:

Բարեկարգութիւնը մանանայ չէ, որ երկինքէն իջնէ: Ան պէտք է ըլլայ գիտակից քաղաքացիի պահանջը, չեմ գործածեր ամբոխավարութիւն բուրող հայրենասիրութիւն բառը:

Իսկ պետութիւնը, անմիջականի կառավարման կողքին, Հայաստանի իւրաքանչիւր թիզի զարգացումը պարտի ծրագրել, որպէսզի իւրաքանչիւր շրջան ինքզինք տեսնէ եւ զգայ մայրաքաղաք եւ քաղաքացի` մայրաքաղաքի բնակիչի հաւասար:

Այս առաջադրանքով հրապարակ գալը ո՛չ ամբոխավարութիւն է եւ ո՛չ ալ պերճանք, այլ ապագայի կառուցում` սերունդներուն համար, որոնք պիտի գան, պիտի մնան հողին վրայ, որոնցմով շարունակութիւն պիտի ըլլանք:

Ազգի երախտագիտութեան արժանի պիտի ըլլան երկիրը զարգացնող եւ սերունդներու ծառայութեան իրենք զիրենք կոչած ինքնուրաց առաջնորդները:

Պիտի ընե՞նք այնպէս, որ Վայքը եւ Եղէգնաձորը, Վանաձորը եւ Իջեւանը չհամարուին յետամնաց եւ անկարեւոր քաղաքներ, անոնց բնակիչներու զաւակները չերթան Երեւան կամ Մոսկուա, Լոս կամ Գերմանիա` բախտ որոնելու:

Քաղաքական կուսակցութիւն մը աթոռի որսորդ չէ, պէտք չէ ըլլայ, այլ` հայրենիքի զարգացման ինքզինք ներդրած ուժականութիւն:

Իսկ մամուլը, երբ տեսակցութիւններ կ’ունենայ քաղաքական ղեկավարներու հետ, աթոռ-աթոռակէ անդին, ինչո՞ւ զանոնք չի կանգնեցներ այս հիմնահարցերուն առջեւ:

Ո՞վ լսեց բնակեցման ծրագրի առաջնահերթութեան մասին:

 

 


Լոյս Տեսած Է «Վէմ» Համահայկական Հանդէսի 2018-ի 4-րդ Թիւը

$
0
0

Լոյս տեսած է «Վէմ» համահայկական հանդէսի 2018 թուականի 4-րդ թիւը` սովորականէն գրեթէ կրկնակի անգամ աւելի մեծ ծաւալով (438 էջ): Պատճառն այն է, որ ներկայ տարեվերջեան համարը թեմատիկ բնոյթ ունի. անոր մէջ տպագրուած են 2018 թուական մայիս 31-ին եւ յունիս 1-ին Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ «Վէմ» հանդէսի խմբագրակազմի ջանքերով կազմակերպուած «Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան դասերը 1918-1920թթ.» գիտաժողով-քննարկման նիւթերը:

«Վէմ»-ի թեմատիկ թիւը կը ներառէ  20 ուշագրաւ ուսումնասիրութիւններ` Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան առանցքային հիմնահարցերուն վերաբերեալ: Անոնք սովորական զեկոյցներ չեն, այլ անոնց հիման վրայ անցնող կէս տարուան ընթացքին ա՛լ աւելի խորացուած ու ամբողջացուած հիմնարար ուսումնասիրութիւններ:

Թիւը կը բացուի մայիս 31-ին ու յունիս 1-ին տեղի ունեցած գիտաժողով-քննարկման նիւթերու հրապարակման առիթով իր հայրապետական խօսքը ուղղած` Ամենայն Հայոց կաթողիկոս  Գարեգին  Բ.ի բարեմաղթանքներով եւ ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի խօսքով:

Այնուհետեւ «Մեր խօսքը» խմբագրականին մէջ կը ներկայացուի այն հիմնական գիտական նորոյթը, որ առկայ է հրապարակուող ուսումնասիրութիւններուն մէջ:

Անոնք բաժնուած են ժամանակագրական ու թեմատիկ յաջորդականութեամբ առանձնացուած 5 բաժիններու մէջ` «Հիմնաքարեր», «Անկախութեան արշալոյսին», «Արտաքին կացութիւնը», «Ներքին դրութիւնը» եւ «Հայաստանի պատմութեան դասերը»:

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Վէմ» համահայկական հանդէսի 2018 թուականի 4-րդ թիւի բովանդակութիւնը.

– ԳԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ – Գարեգին Բ.
Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց

ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԻՒՐՈՅԻ ԽՕՍՔԸ – Կիրօ Ա. Մանոյեան

ՄԵՐ ԽՕՍՔԸ – Խմբագրական

ՀԻՄՆԱՔԱՐԵՐ
Գէորգ Ս. Խուդինեան

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐՆ ՈՒ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅՈՑ ՆՈՐ ԵՒ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Ռուբինա Բ. Փիրումեան (Լոս Անճելըս)

1918-Ի ԵՒ 1991-Ի ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆԸ ԾՆՈՒՆԴ ՏՈՒՈՂ ԵՐԿՈՒ ՃԱԿԱՏԱԳՐԱՅԻՆ
ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆՆԵՐ. Համեմատական հայեացք
Արմէն Ս. Ասրեան

ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԸ ՈՐՊԷՍ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ-ՊԵՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՉԻ ՄԱՐՄՆԱՒՈՐՈՒՄ\
ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԱՐՇԱԼՈՅՍԻՆ
Համօ Կ. Սուքիասեան

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐԻ ՁԵՒԱՒՈՐՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ (1918թ. մայիս-օգոստոս)
Աշոտ Ն. Հայրունի

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԳԵՐՄԱՆԱ-ԹՈՒՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ ՀԱՄԱԾԻՐՈՒՄ
(1918թ. յունիս-նոյեմբեր)
Արարատ Մ. Յակոբեան

ՀՀ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ 1918 – 1920ԹԹ.
ԵՒ ՆՐԱ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Աննա Է. Ասատրեան

ՀՀ ՏԵՂԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ 1918 – 1920ԹԹ.
Վաղարշապատի քաղաքային իշխանութիւնների ընտրութեան ու
գործունէութեան օրինակով

ԱՐՏԱՔԻՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ
Էդիտա Գ. Գզոյեան

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ-ԻՐԱՒԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԸ
1918-1920ԹԹ. Ըստ Ազգերի լիկայի ժընեւեան արխիւի նորայայտ վաւերագրերի
Աշոտ Ա. Մելքոնեան

ԱՒԱԽՔԻ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԸ ՀԱՅ-ՎՐԱՑԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ ՀԱՄԱՏԵՔՍՏՈՒՄ
(1918թ. մայիս-1919 թ. յունուար)
Ալեքսանդր Ս. Մանասեան

ԱՐՑԱԽԻ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԸ
1918-1920ԹԹ.

ՆԵՐՔԻՆ ԴՐՈՒԹԻՒՆԸ
Կարէն Պ. Հայրապետեան

ՀԱՏՈՒԱԾԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱՀԱՐՄԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՈՒՄ
Սուրէն Թ. Սարգսեան

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՈՒՄ
1918-1920ԹԹ.
Նարեկ Ա. Մկրտչեան

ԵՐԵՒԱՆԸ 1918-1920ԹԹ. ՀՀ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ
Ազգային ինքնութեան տարածական կազմակերպման իմաստաբանութիւնը
Դաւիթ Ս. Գիւրջինեան

ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՊԵՏԱԿԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔԻ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒՄՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՈՒՄ
1918-1920ԹԹ.
Հայկազուն Ս. Ալվրցեան

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱՆՆԵՐԸ

ՀՀ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԵՐԸ
Վլադիմիր Ա. Յարութիւնեան

ԿԱՐՍԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄԸ
Զինուորական դաւադրութեան վարկածը
Հռիփսիմէ Վ. Պիկիչեան

ՄԱԶՄԱՆՈՎԻ ԼԵԳԵՆԴԸ
Հայ երաժշտական բանահիւսութեան մէջ
Սմբատ Խ. Յովհաննիսեան

ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱԳԻՐՔՆ ԻԲՐԵՒ «ՄՐՑԱԿՑՈՂ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ» ՏԱՐԱԾՔ
Հայաստանի Հանրապետութեան 1918-1920թթ. պատմութեան շարադրանքի օրինակով
Ժենեա Ա. Քալանթարեան

1918-1921ԹԹ. ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ
Ականատես գրողների
ստեղծագործութիւններում Կարէն Հ. Խանլարեան (Թեհրան)

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿՄԱՆ ԽՈՐՔԱՅԻՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ

 

Աքչամի Նախաձեռնութեամբ, Գրիգոր Կէրկէրեանի Արխիւը Հասանելի Պիտի Դառնայ Գիտնականներուն

$
0
0

Պատրաստեց` ԱՆԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած հոգեւորական Գրիգոր Կէրկէրեան (Գրիկըր) յատկանշական փաստեր հաւաքած էր թրքական վայրագութիւններուն մասին: Այդ հաւաքածոն բոլոր գիտնականներուն հասանելի դարձնելու նպատակով «Քլարք» համալսարանի Ողջակիզման եւ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի «Գալուստեան-Մուկար» հայագիտական հետազօտութիւններու ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Թաներ Աքչամը վերջերս համագործակցեցաւ ուսանողներու եւ թուրք փորձագէտներու հետ` թուայնացած արխիւ մը ստեղծելու համար:

Արխիւը կը պարունակէ հազարաւոր բնօրինակ փաստաթուղթեր եւ Գրիկըրի  չտպագրուած նիւթերը: Հոն կան Հալէպի մէջ օսմանեան պաշտօնեայ Նայիմ պէյի ձեռագիր յուշերը, որոնք երկար ժամանակ անհետացած համարուած էին, ինչպէս նաեւ` Երուսաղէմի պատրիարքարանի փաստաթուղթերը, որոնք կը պարունակեն կարեւոր տեղեկատուութիւններ Հայոց ցեղասպանութեան եւ 1919-1922 Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ոճրագործներու դատավարութիւններուն մասին:

Ուշագրաւ են գաղտնազերծուած հեռագիրները, որոնք Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշան, բանակի հրամանատարները եւ կառավարութեան զինեալ ուժերու ղեկավարները ուղարկած են կայսրութեան շրջաններու ղեկավարներուն: Այդ հեռագիրներէն մէկ մասին վրայ գտնուող օսմանեան պետական կնիքը յստակ կերպով կ՛ընդգծէ օսմանեան կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ծրագրումը եւ իրագործումը: Սպանդի այդ հրամանները կը համարուին Հայոց ցեղասպանութեան ապացոյցներ, որոնք հիմքն են Աքչամի` «Սպանութեան հրամաններ. Թալէաթ փաշայի հեռագիրները եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը» նոր հատորին:

Արխիւին մասին փրոֆ. Աքչամը կը գրէ հետեւեալը. «Այս նիւթերուն հասանելիութիւնը ներուժ ունի փոխելու գիտական ու քաղաքական քննարկումը, ինչպէս նաեւ` պայքարելու թրքական ժխտողականութեան դէմ: Իմ պարտականութիւնն է այդ ապացոյցները հասանելի դարձնել աշխարհին»:

Արխիւին ստեղծման նիւթապէս օժանդակած են` «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը, «Ժիրայր Նշանեան» հիմնարկը, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը, «Տատրեան» հիմնարկը եւ այլ կազմակերպութիւններ:

Պելմոնթ հաստատուած Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութեան նուիրուած են Կէրկէրեանի արխիւին մէջ ներառուած բնօրինակ նիւթերը, որոնք պիտի դառնան անոր «Մարտիկեան» գրադարանին մէկ մասը: Ուսումնասիրողներու համար թուայնացուած արխիւի նիւթերը հասանելի պիտի դառնան Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութեան գլխաւոր գրասենեակի շէնքի բացումէն ետք (2019-ի աշնան):

 

 

 

Գրողի Անկիւն. Ամանորեան Խոհեր

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հասաւ Նոր տարին:

Հինը` 2018-ը, անցաւ եւ, աւելի ճիշդ, նետուեցաւ  պատմութեան գիրկը: Աշխարհը փակեց այս հինին էջերը ու բացաւ նորը:

Է՜հ, անցաւ հինը, որպէսզի գայ ուրիշը, ու մենք արդէն սկսած ենք նոր յոյսեր ցանել անոր տակաւին անծանօթ ճամբու երկայնքին: Ու ինչպէս մեր մեծերը ըսած են. «Տարօրինակ է աշխարհը: Տարօրինակ է իր տարօրինակութիւններով եւ կողք-կողքի դրուած հրաշալի, զմայլելի, յաճախ վախազդու եւ սակայն միշտ ապշեցուցիչ պատկերներով»:

Ու հիմա` այս նոր տարին: Սա կը նշանակէ, որ տարի մը եւս աւելցած է եւ կամ ալ` սրբուած` մարդոց կեանքերէն, ու մարդիկ «երթաս բարով» մը ըսած են հինին եւ մեծ ակնկալութիւններով «բարի եկար» մըն ալ` նորին:

Երկու բառ միայն, մէկը` գացողին, իսկ միւսը` նորեկին: Ճիշդ ասոր իբրեւ արդիւնք` մեր քաղաքը լուսաւոր ձայներու երգի մը վերածուած է: Այս է ահա կեանքը: Այս է նաեւ իր աւանդութիւնը: Ու Կաղանդ է: Եւ այս մէկը իր խորհուրդին հետ ներկայ է արդէն ամէն տեղ: Աշխարհի համար Կաղանդը ուրախութեամբ սկսող եւ ուրախութեամբ աւարտող օր մը ըլլալով հանդերձ, իր յոյսի ծիծաղով տարբեր օր մըն ալ է: Ան է, որ իրեն հետ պիտի բերէ եւ նաեւ կը բերէ նոր մտածումներ եւ երեւոյթներէն անդին անցնելու ու կեանքին աւելի խորը թափանցելու առիթ: Անոր համար է, որ կրկին մեր աչքերը զարմանքով, վախով եւ աղօթքներով կը յարենք եկող անծանօթին: Անոր համար գրեթէ համայն աշխարհը, մտովի կամ բարձրաձայն, նստած կամ ծնրադիր, կ՛աղօթէ, կ՛աղաչէ, կը մաղթէ, կը խնդրէ, որ այս նորը` 2019-ը, իր նախկինէն աւելի տարբեր ըլլայ:

Լաւ ու բախտաւոր: Շահաբեր եւ մանաւանդ խաղաղ ըլլայ` միաժամանակ իրականացնելով բազմազան իղձեր, երազանքներ ու փափաքներ:

Ու բոլորս ալ հաստատ գիտենք, թէ որքա՛ն մեր կեանքին մէջ խորանանք, այնքան շօշափելի կերպով կը զգանք ամէն բան: Ու պարապ տեղը չէ, որ Նոր տարին մարդկութեան համար նկատուած է նոր յոյսի եւ նոր հաւատքի մեծ ներշնչարան:

Պէտք է նաեւ աւելցնել, որ Ամանորը ժողովուրդներու համար երջանկութեան եւ բարօրութեան, առողջութեան եւ յաջողութեան ի խնդիր ձօնուած բիւրաւոր մաղթանքներու տօնական օր մըն ալ է: Բոլորն ալ, ինքնածին, յոյսերով լեցուն իրենց ակնարկները երկարած են թէ՛ երկինք եւ թէ՛ այս «եկուոր»-ին վրայ:

Իսկ գալով մեզի` մեր մօտ Կաղանդը յստակ ու տարբեր նշանակութիւն ունի եւ դարերէ ի վեր ունեցած է: Ան մեր ընտանեկան երջանկութեան եւ նոյնիսկ սրբութեան մաս կը կազմէ: Այլ խօսքով, հաւաքական խրախճանք, եթէ կ՛ուզէ՛ք, գեղեցիկ օրերու շարանի  իր մաղթանքներով:  Յոյսը ապրեցնելու եւ իրագործելու պատեհ առիթ: Ամէն լաւ «բաներու» ակնկալութիւն:

Ու այս բոլորը` հարուստ եւ մաքուր, մեր հիներէն մեզի ժառանգ ինկած, բարի եւ անմեղ կտակ մըն է: Կտակ մը, որ ազգովին բոլորս ալ անոր ժառանգորդներն ենք, անխտիր:

Կարծես, արդէն երեւակայութիւնս զիս հալածել սկսած է, որովհետեւ Ամանորը իր իսկ տառերու շարանով եւ իմաստով հաճելի յուշեր սկսած է արթնցնել մտքիս մէջ ու զիս ալ նետել ակնկալութիւններու ե՛ւ երազանքներու, ե՛ւ բարի մաղթանքներու գիրկը:

Ու ինչ մեղքս պահեմ, ան ինծի համար, մեր այդ պատմական քաղաքէն ներս, մանկութեանս ու նոյնիսկ վաղ երիտասարդութեանս տարիներուն, հեքիաթի կը նմանէր: Յուզումով, վախով ու ակնածանքով անոր կը մօտենայի: Հրաշքներ կ՛ակնկալէի:

Իսկ հիմա, ա՛յս օրերուն, երբ մեզի հետ ու մեզի նման մեր ապրած դարն ալ փոխուած է, առաջին իսկ հերթին միտքս կ՛իյնան մեզմէ յաւէտ բաժնուած բոլոր իմ սիրելիներս: Բոլորն ալ անխտիր` մեծով պզտիկով, ծնողք, եղբայր, հարազատ, զարմիկ, ազգական, ընկեր եւ նոյնիսկ հեռու ու մօտ բարեկամ, դրացի: Չխամրող զգայնութիւն:

Այս բոլորին կողքին, յանկարծ անձնական կեանքի երազանքներ եւ յիշատակներ ինքնածին կ՛արթննան, որովհետեւ ինծի համար ասոնք էին եւ կամ անոնցմով էր Ամանորիս համն ու հոտը: Եւ տակաւին, ասոնց վրայ կ՛աւելնային Կաղանդի գիշերուան ու իր խորհուրդին յատուկ մօրս պատրաստած համեստ սեղանն ու սեղանակիցներս: Ապա հօրս ձայնի յիշողութիւնը կ՛արձագանգէր ականջիս մէջ: Անոր կարճ ու կտրուկ եւ յուզումով արտասանած կենացները: Անոր երկար ու նոյնանման խրատականներն ու հազար անգամ կրկնած կատակները:

Ու ինքնաբերաբար աչքերս կը խոնաւնան: Արդէն իսկ խոնաւցած են: Տկարութեան կամ պարտութեան նշան չէ այս մէկը: Մարդ ես: Ջիղ ու ոսկոր ունիս: Զգացում:

Ապա ինքնաբերաբար եւ ընդհանուր առմամբ կը մտաբերեմ` ամբողջ տարուան ընթացքին իմ ձեռքբերումներս, ձախողութիւններս, յոյսերս, ծրագիրներս, վէճերս, դժուարութիւններս, յուսախաբութիւններս ու յաջողութիւններս, որոնց մէջ կ՛իյնան վերջին հատորիս լոյս աշխարհ գալը, հայրենիքէն ներս քիչ մը երկար կեցութեանս շրջանին նոր ընկեր, ընկերուհիներու հետ բարեկամական կամուրջներս, սփիւռքի եւ հայրենի կրթական մշակներու եւ հաստատութիւններու  հետ նոր ծանօթութիւններս, հետաքրքիր եւ անկեղծ մարդոց հետ կապերու ամրապնդումներս, հանդիպումներս, թատրոններու ներկայութիւնս, մտերմիկ հաւաքներս, անաղմուկ եւ աղմկոտ երգերս, կատակներս, սիրով, խանդավառութեամբ  հաճոյքով լեցուած օրերս եւ նոր Հայաստանի նոր երազանքներու իրականացման յատուկ թաւշեայ յեղափոխութեան բերած սերմերն ու անոր քանի մը հեղինակներու հետ շփումներս:

Ահա հաշուեփակս: Անկեղծ, նոյնքան ալ` արդար:

Սակայն կեանքը միշտ անձնական ապրումներու գումարը չէ: Շրջանակ կայ: Գաղութ կայ: Չես կրնար այս բոլորէն անջատուիլ, անտեսել, չնկատել: Արդար չէ:

Բայց եւ այնպէս, ուրկէ՞ սկսիմ: Շուարած եմ: Ուստի ըսեմ. տակաւին վարանում կայ մտքիս մէջ: Այսպէս կ՛երեւի, թէ տակաւին մեր ապրած գաղութէն ներս պատրաստ չենք իրականութիւն յանձն առնելու: Անոր համար հեւքով մեր ինքնութիւնը կը փնտռենք գրեթէ ամէն օր եւ ամէն տեղ, իր ձագերը կորսնցուցած հաւերու նման: Իրականութիւնները չենք տեսներ: Թէեւ բոլորս ալ մեր օրերու շարքերով, սփիւռքեան մեր պատմութիւնը, լաւ կամ վատ, մեր ձեռքերով կը գրենք, բայց կը զգանք, որ հոսանքն ի վեր մեր թիավարումէն բան չենք սորված:

Հայկականութեամբ կ՛ապրինք կամ կ՛ուզենք ապրիլ եւ կամ մենք մեզի կը ստիպենք, որ ապրինք: Եւ այս մէկը մեծ փորձառութիւն է: Ծանր եւ հաճելի: Անոր համար կը զգանք, որ սփիւռքեան մեր գոյատեւումը կախեալ է մեր լեզուէն, անոր հաստատ եւ մաքուր պահելու մեր ճիգէն ու մեր մշակոյթին կառչելու չափանիշէն:

Ժամանակը մեզի շատ բաներ կը թելադրէ, կը պահանջէ, կը սորվեցնէ, եթէ անշուշտ մեր ականջները լայն բացած ըլլանք, նոյն այդ ժամանակէն հոսող արձագանգը լսելու:

Մենք իբրեւ սփիւռք շատ ընելիքներ ունինք: Այս մասին կը կարծեմ, որ հայրենիքն ալ պարտաւոր է մտածել:

Նորութիւն չէ: Կ՛ապրինք սփիւռքի մէջ եւ չենք գիտեր` մինչեւ երբ: Մեր մաշումը յստակ է: Ժամանակները գերազանցապէս նիւթականացած են: Բոլոր արժեւորումներու հետ մեր չափանիշներն ալ փոխուած են: Տեսակաւոր հայեր դարձած ենք: Մէկը կը մեռնի իր ծնած տեղը, ուրիշ մը հայրենի հողին վրայ, եւ ան մէկը` հայրենիքէն հեռու: Ցաւալի ու վշտալի է:

Վարանում կայ մեր մտքերուն մէջ եւ իրականութիւնը չտեսնողներ կան: Իսկապէս տխուր է այս իրականութիւնը: Միւս կողմէ` մեր օրերը մեզ ազգային գիտակցութեան կառչիլ կը թելադրեն: Արդեօք կը գիտակցի՞նք: Անմեղ մաղթանք մը:

Ամէն տեղ եւ ամէն ատեն յոյս կը մուրանք եւ հրաշք կը փնտռենք: Արդէն տարիներէ ի վեր պատմական անարդարութեան դէմ կը խօսինք, բայց չենք անդրադառնար, որ վերջ ի վերջոյ հայրենիքն է մեր վերջին լաստն ու օթեւանը:

Արդ, այս բոլորէն ետք, ամանորեան այս գլխագիր մտահոգութիւններուս հետ,  բոլորս ալ միատեղ այս գալիք տարուան ընթացքին ալ վերանորոգուած հայութեան մը շարունակութիւնը կ՛ուզենք տեսնել: Ազգային գիտակցութեան հասունութեան կողքին եւ միատեղ, մեզի կը մնայ կառչած մնալ հայրենի հողին եւ անկէ մեզի հասնող լուռ ու խորունկ ձայներուն:

Արդ, ինչ որ ալ ըլլան մտածումներուս, ապրումներուս եւ ակնկալութիւններուս սահմանները, բարի Ամանոր մը կը մաղթեմ ձեր բոլորին:

Շնորհաւոր Նոր տարի:

 

 

 

Ամանորին Նայում Եմ Թոռներիս Աչքերով. Սպարտակ Ղարաբաղցեան

$
0
0

Ամանորեայ հրաշքի, հեքիաթի, տօնածառը զարդարելու, յուշերի ու ամենայիշարժան Ամանորի մասին «Երկիր»-ը զրուցել է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ Սպարտակ Ղարաբաղցեանի հետ:

Ամանորի հեքիաթի մասին

Ամանորը հեքիաթ է, ու կարեւոր չէ` ե՛րբ ես դադարում հեքիաթին հաւատալ, դու քեզ համար պէտք է միշտ այդ հեքիաթը յօրինես: Անհեքիաթ ապրել չի լինի: Ես հիմա Ամանորին նայում եմ թոռներիս աչքերով, քանի որ նրանք հեքիաթին հաւատում են, եւ դու, անկախ քեզանից, ուզում ես այդ հեքիաթի մէջ մտնել: Հիմա ես հետեւում եմ Ամերիկայում ապրող թոռանս հրճուանքին. նրան այստեղից յատուկ տօնածառի խաղալիքներ ենք ուղարկել` հայկական եկեղեցիներ, երաժշտական գործիքներ… Ամէն տարուայ վերջում Միացեալ Նահանգներում ապրող թոռնիկս, տօնածառը մեր ուղարկած խաղալիքներով զարդարելով, ինքն իր համար Հայաստան է «սարքում»:

Մեր ժամանակ էլ մենք մեր խաղալիքներն ունէինք, թղթէ խաղալիքներ էինք սարքում: Մանկութեան տարիներին ինձ համար ամենալաւ տօնածառը քեռակնոջս տօնածառն էր, եւ մենք` փոքրերով, միշտ ուզում էինք մեր մեծ քեռու տանը լինել: Աստուած ինձ 5 քեռի, 5 մօրաքոյր է տուել, մեծ քեռիս մեզ համար մեր ցեղն իրար գլխի հաւաքող պորտալարն էր: Քեռակինս իր տօնածառից միշտ շոքոլաներ էր կախում, իսկ մեր ժամանակ շոքոլան էլ էր փնտռուած բան, ու բոլորս ջանում էինք, որ այդ շոքոլայից մեզ բաժին հասնի:

Մի տարի մօրաքրոջս տղաներից մէկը յատուկ տօնածառի տակ էր քնել, եւ առաւօտեան, երբ արթնացանք, տեսանք, որ տօնածառը շրջուել է, քանի որ նա փորձել էր շոքոլաներից մէկը «քաղել»: Մօրաքրոջս տղան, տօնածառի տակ նստած, լացում էր, ու  քեռակինս ասաց, թէ` դէ, ոչինչ, մի՛ լացիր, տօնածառ է, էլի՛: Բայց յետոյ քեռակինս հասկացաւ, որ տօնածառը չի շրջուել, այլ տղայի մէջ է ինչ-որ բան փուլ եկել, ու նա մէկ բուռ շոքոլա բերեց ու նրան տուեց: Մենք էլ նախանձով նայում էինք մօրաքրոջս տղային:

Տարիքի հետ, երբ հեքիաթը «բարակում» է քո մէջ, մի տեսակ տօնի գոյնն էլ է պակասում, ու վախենում ես, որ այդ տօնը յանկարծ չկորչի, քանի որ այն հոտ ունի, գոյն: Ես երբ այսօր մանտարինի առատութիւնը տեսնում եմ,  տարօրինակ զգացողութիւն է մօտս առաջանում: Մանտարինը մեզ համար Ամանորի հետ էր առնչւում: Հիմա` այս առատութեան մէջ, էժանանում է տօնը: Կարծում եմ` պէտք է միշտ ինչ-որ բան փնտռես,  երբ ինչ-որ բանի պակասութիւն ես զգում, քո երեւակայութեան մէջ պատկերները կախում ես քո բաժին տօնածառից:

Տօնածառի, տօնածառի «էն թուերի» խաղալիքների մասին

Երբ տօնածառի խաղալիքները հաւաքում էին, մի տեսակ ափսոսում էի, որ տօնածառը հաւաքում ու դուրս էին տանում, դէն նետում: Բայց յետոյ հասկացայ, որ այն, ինչ արմատ չունի, ինչքան ուզում ես տօն սարքի, ի վերջոյ, արհեստական է: Իսկ մօրաքոյրս տանը մի ֆիքուսի ծառ ունէր, որն էլ զարդարում էր: Տօնից յետոյ խաղալիքները հաւաքում էր, ու ծառը մնում էր:

Ամանորն աշխարհի միակ տօներից է, որ բոլորս նմանւում ենք իրար, քանի որ բոլորս էլ ուզում ենք հեքիաթի մէջ ապրել, մանկութեան երազանքը հեքիաթի մէջ ապրելն է, իսկ երբ հեքիաթից դուրս ես գալիս ու ոտքդ դնում իրականութեան մէջ, անկախ քեզանից, յետեւում մնում է յիշողութիւնը` տօնածառի, մաղթանքի ձեւով:

Վերջերս Վերնիսաժում խաղալիքներ տեսայ, որ իմ մանկութեան խաղալիքներն էին, ու հիմա դրանցից չեն էլ վաճառում: Զգացւում էր, որ վաճառողը դժուարութեամբ է բաժանւում դրանցից: Այդ մարդը բերել էր իր տօնածառի խաղալիքները` վաճառելու, որ Նոր տարին տօնի: Անկախ ինձանից` տխրեցի, քանի որ այդ մարդը կարծես վաճառելու էր բերել իր հեքիաթը:

Սուրբ Ծնունդը ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս մաքրուելու համար է, այսինքն պէտք է դրան պատրաստ լինել: Այսօր ոչ թէ միայն մենք, այլեւ աշխարհը դրա կարիքն ունի: Մարդկային հեղեղը որ տեսնում եմ խանութներում զեղչերի ժամանակ, մտածում եմ` սա՞ է նրանց մնալու: Ո՛չ, ընդհակառակը: Արամ Հայկազը մի պատմուածք ունի, ըստ որի, մի օր գնում են նայելու, թէ ո՛վ է ամենալաւը Նոր տարին նշում, եւ գնում են նախ մեծահարուստների տներ, տեսնում ճոխ սեղաններ, յետոյ մի հիւղակի մօտով են անցնում ու լսում, որ գետնայարկից ուրախութեան ձայներ են գալիս` մոմեր են վառուած, երգում-պարում են: Մտնում են տուն ու տեսնում, որ այդ թաղամասի ամենաաղքատ ընտանիքն է` ընկերներով հաւաքուած` տօնում են: Ու հասկանում են, որ ամենալաւ Ամանորը նրանք են նշում, քանի որ աւելորդութիւնից զերծ են: Տօնը պէտք է խորհուրդ ունենայ: Բացի այդ` տօնը ժառանգութեան նման պէտք է  փոխանցելու իրաւունքն ունենաս` քո պատմութեան, տօնածառի խաղալիքի ձեւով: Մեր յիշողութիւնները մեզ պէտք է մաքրեն: Ամէն մէկը թող իր թոռան աչքերով նայի աշխարհին:

Լաւ բաների սպասումը քեզ քո հողի վրայ է պահում

Մենք միշտ ասում ենք` մութ ու ցուրտ տարիներ, բայց այդ տարիների մասին ցանկացած մէկին էլ որ հարցնես, այնքան ջերմ բաներ կը յիշի: Այդ տարիներին, այո՛, պակասութիւն էլ է եղել, խնդիրներ են եղել, սակայն այդ տարիներին մենք նպատակ ենք ունեցել: Գիտէինք` ինչի համար է մութ ու ցուրտ, հացի պակասութիւնն ինչի համար է: Իւրաքանչիւրը գիտէր, որ նոյն խնդրից հարեւանն ու բարեկամն էլ ունէր, ու եթէ մի կտոր հաց էիր ունենում, կիսում էիր հարեւանի հետ: Անցեալը պէտք է ճիշդ գնահատենք: Եթէ ուզում ես սերնդին յիշողութիւնից կտրես, այդ տարիներից այնքան վատ բաներ կարող ես յիշել ու միայն վատը փոխանցել, բայց միշտ պէտք է լաւը փոխանցես սերունդներին: Սա խախտուել է մեր մէջ, այսօրուայ մեր ողբերգութեան պատճառն այն է, որ եկողն ուզում է նախորդին հերքել ու իր ամբողջ ժամանակը ծախսում է դրա վրայ: Նա չի զգում` ժամանակն անցնում է, իր ժամանակն է անցնում: Նոյնը մեր` Հանրապետութեան հրապարակի տօնածառի պատմութիւնն է: Կարծում եմ` մեր տօնածառը շատ լաւն է, սիրուն եւ ճաշակով, ու ես կ՛ուզեմ, որ իմ երկրում ամենալաւ տօնածառը լինի, իմ երկրի վարչապետն ամենալաւ քոսթիւմը հագնի, ու ոչ թէ դրանից պէտք է չարանաս, այլ` ընդհակառակը:

Չարութիւնը միշտ մեզ ուրիշ տեղ է տանում: Ինչքա՞ն գումար ծախսուեց տօնածառի վրայ, նախկինում այսպէս էր, հիմա այնպէս. էժան խօսակցութիւնների մէջ ես մտնում, ու տօնածառն էլ է քո աչքին փուշ դառնում: Պէտք է կարողանաս քո երկրի ուրախութիւնը վայելել ու քո երկրի ուրախութեան համար պայղուշ չլինել: Մութ ու ցուրտ տարիներին մեր` երկիրը սիրելու յատկութեամբ կարողացանք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները, այսինքն լաւ բաների սպասումը քեզ պահում է քո հողի վրայ: Իսկ երբ մենք մեր ունեցածը չենք կարողանում պահել, միշտ մեղաւոր ենք սկսում փնտռել: Վերջերս, օրինակ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ում Ազրպէյճանը քոչարին գրանցեց որպէս ազրպէյճանական պար, իսկ մենք այնքան աւելորդ բաների յետեւից էինք ընկնում, որ ուշացանք: Հիմա ո՞ւմ պէտք է մեղադրել, ո՛չ մէկին, միշտ մեղքը պէտք է քո մէջ փնտռես: Միւս կողմից` Ազրպէյճանը ինչպէս իւրացրել է քոչարին, այնպէս էլ հրաժարուելու է դրանից, քանի որ պարը միայն շարժումներ չէ, պարը հոգեբանութիւն է, իսկ քոչարին նրանց արեան խմբի մէջ չկայ:

Ամանոր, որը չենք նշել

1988-ին Նալբանդում էինք` աւերակների մէջ, աւերուած դպրոց, երեխաների դիակներ…  Մոսկուայից բժիշկներ էին եկել, բաց վիրահատութիւններ էին անում տեղում: Բժիշկներից մէկն, ի դէպ, ասաց` հետաքրքիր ժողովուրդ էք, մենք այլ վայրում այսքան վիրահատութիւն անէինք, հիմա գիտէ՞ք, թէ ինչքա՛ն վարակներ կը տարածուէին: Դեկտեմբերի 30-ին այդ բժիշկներից մէկն եկաւ մեր տուն, աղջիկս այդ ժամանակ 3 տարեկան էր, ու բժիշկը երեխայի հետ կատակներ անելուց, զրուցելուց յետոյ հարցրեց, թէ` Անի՛, իսկ ո՞ւր է քո տօնածառը: Աղջիկս էլ լուրջ-լուրջ պատասխանեց, թէ` տօնածառ չենք դնում, Հայաստանը փլուել է: Այդ տարի բոլոր խանութներում Ձմեռ պապերը սեւ ժապաւէններով էին: Այդ տարի ամբողջ Հայաստանն Ամանորը չնշեց:

Կաղանդ պապը

Ինձ միշտ թւում է` Ձմեռ պապիկներ կան,  ուղղակի գարնան առաջին օրերի հետ հալչում, գնում են: Կ՛ուզեմ, որ մեր բառապաշարի մէջ մտնի նաեւ Կաղանդ պապ կոչուածը, քանի որ մեր Կաղանդ պապն Արարատից է եկել: Կ՛ուզէի, որ այդ հեքիաթի տէրը դառնանք, հեքիաթն անտէր չթողնենք: Սփիւռքում, օրինակ, մինչեւ հիմա հաւատում են, որ Կաղանդ պապը շուտով գալու է, կամ երբ մէկին ուզում են որպէս բարեգործ ներկայացնել, ասում են` Կաղանդ պապուկ է: Ինքս Ձմեռ պապ երբեք չեմ եղել, քանի որ ներքուստ պէտք է պատրաստ լինես դրան:

Վերջերս մէկն ինձ պատմեց, որ Գամիշլիում Ամանորի սեղանին ամենաթանկ բանն արմաւն է եղել, ու իրենք Ամանորի առաւօտեան զարթնել ու ձեռք չեն տուել արմաւին, քանի որ պէտք է նախ Թաթոն իրենց տուն այցելէր: Ասում էր` մինչեւ Թաթոն չգար, մենք սեղանի շուրջը չէինք նստում:

Իսկ վերջերս Հալէպում գնացինք մէկի տուն, ով պատմեց իր մանկութեան յուշերից մէկը. իր մանկութեան տարիներից մէկում Կաղանդ պապուկը օթոպիւսի վարորդն է եղել, ով հանդէսն աւարտուելուց յետոյ հագուստը հանել է, որ գնայ իր աշխատանքին, ու ինքը տեսել է Կաղանդ պապուկի գլխարկը` մի տեղ, հագուստը` միւս կողմում եւ սկսել է լացել, թէ` Կաղանդ պապուկի գլուխը կտրել են…

Այսօր մի շրջան է աշխարհն ապրում, երբ հեքիաթը սպաննում են: Ես միշտ զգուշացել եմ մանկութիւն չունեցած մարդկանցից, սիրած աղջկայ համար կռիւ չտուած տղայից: Եթէ այդ ամէնը չես տեսել, դառնում ես իներթ մի բան: 2019-ին կենցաղային մակարդակի հասած վէճերից պէտք է դուրս մնանք ու վերադառնանք մեր մանկութեան յուշերին: Իսկ մեր յիշողութիւնն արմատներ ունի:

Կ. Հ.

Սփիւռքի Քաղաքականութեան Ռազմավարութեան Հայեցակարգը. Նախագիծ

$
0
0

Փաստաթուղթը պատրաստել են` ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի խորհրդական Վահէ Սահակեանը:

Նախնական այս տարբերակի մշակումն իրականացուել է սփիւռքի ուսումնասիրութիւններով զբաղուող հետեւեալ մասնագէտների հետ խորհրդակցութեամբ.

Խաչիկ Թէօլէօլեան (Ուեզլէյեան համալսարան, Միացեալ Նահանգներ, Diaspora: A Journal of Transnational Studies գիտական ամսագրի հիմնադիր եւ խմբագիր),

Հրաչ Չիլինկիրեան (Օքսֆորտի համալսարան, Մեծն Բրիտանիա),

Արա Սանճեան (Միչիկանի համալսարան-Տիրպոռն, Միացեալ Նահանգներ),

Ռազմիկ Փանոսեան («Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի հայ համայնքների բաժանմունքի տնօրէն, Փորթուգալ):

Հայեցակարգում ներառուած են նաեւ իրենց կողմից հնչեցուած առաջարկութիւնները եւ կարծիքները, սակայն հայեցակարգի բոլոր հատուածների մշակումն իրականացուել է Մխիթար Հայրապետեանի եւ Վահէ Սահակեանի կողմից:

Հայեցակարգի շրջանակներում «սփիւռք» հասկացութիւնը սահմանել ենք շատ լայն, որ ընդգրկում է բոլոր նրանց, ովքեր Հայաստանում չեն ապրում, այլ երկրների մշտական բնակիչներ կամ քաղաքացիներ են, իրենց որեւէ կերպ հայ են համարում, ունեն հայկական ծագում կամ արմատներ:

Խորհրդային եւ անկախ Հայաստանի իշխանութիւնների վարած սփիւռքի քաղաքականութիւնների անցեալն ու ներկան

Հայաստանի խորհրդայնացումից մինչ այսօր, եթէ (խորհրդային կամ անկախ) Հայաստանի իշխանութիւնները վարել են սփիւռքի քաղաքականութիւն, ապա այդ քաղաքականութիւնները եղել են հայաստանակենտրոն եւ միտուած են եղել ողջ սփիւռքի կամ դրա այս կամ այն հատուածների վրայ հայաստանեան իշխանութիւնների ու ներհայաստանեան օրակարգերի պարտադրմանը:

Սփիւռքի քաղաքականութիւնները խորհրդային եւ յետխորհրդային Հայաստանի տարիներին նպատակ են ունեցել.

ա) Ծառայեցնել սփիւռքի միջոցները (հիմնականում ֆինանսական) խորհրդային կամ անկախ Հայաստանի զարգացման ծրագրերին,

բ) Հայաստանը դարձնել բոլոր հայերի հայրենիքը (չնայած այն հանգամանքին, որ Ցեղասպանութիւնից փրկուածներն ու իրենց սերունդներն այդ Հայաստանում երբեք չէին ապրել),

գ) Կազմակերպել հայրենադարձութիւն, վերադարձ դէպի հայրենիք,

դ) Խորհրդային եւ հետագայում անկախ Հայաստանի քաղաքական ազդեցութիւնը եւ հայաստանեան (հիմնականում արեւելահայ) մշակոյթը տարածել սփիւռքեան գաղութների վրայ:

Այս բոլորը դրսեւորուել են թէ՛ 1920-1930-ականներին Հայ օգնութեան կոմիտէի գործունէութեան եւ Հայաստանի խորհրդային իշխանութիւնների, թէ՛ 1946-48-ի դրամահաւաքների ու «Մեծ հայրենադարձութեան» տարիների, թէ՛ 1960-1980-ականներին սփիւռքի հետ մշակութային կապերի կոմիտէի եւ թէ՛ անկախութեան տարիներին Համահայկական հիմնադրամի, 1998-2008 Ռ. Քոչարեանի կառավարութեան, իսկ 2008-2018 ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան վարած քաղաքականութիւններում:

Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնների գրեթէ մէկդարեայ պատմութիւնը ցոյց է տուել, որ նաեւ այսպիսի քաղաքականութիւնների արդիւնքում`

– Սփիւռքի ողջ ֆինանսական, մարդկային ու այլ միջոցները, մեծ առումով, Հայաստան չեն ուղղուել,

– Ողջ սփիւռքը չի ենթարկուել հայաստանեան այս կամ այն իշխանութիւնների պարտադրած քաղաքական, մշակութային եւ արժէքային օրակարգերին,

– Արտերկրում ծնուած եւ մեծացած, իրենց երկրներում եւ իրենց ոլորտներում մեծ յաջողութիւններ արձանագրած սփիւռքի երկրորդ, երրորդ, չորրորդ սերունդները մեծ մասամբ անհաղորդ են դարձել հայաստանեան իրադարձութիւններին եւ տարբեր պատճառներով հեռացել են նաեւ սփիւռքեան աւանդական կառոյցներից ու կազմակերպութիւններից,

– Հայկական խիստ բազմազան սփիւռքի միայն փոքր մասն է այսօր ընդգրկուած սփիւռքեան տարբեր միաւորումներում, կազմակերպութիւններում կամ նախաձեռնութիւններում եւ միայն փոքր մասն է հետեւողականօրէն հետաքրքրւում Հայաստանի Հանրապետութեան խնդիրներով,

– Սփիւռքի մի ստուար զանգուած տարերայնօրէն աշխուժանում է միայն Հայաստանում որեւէ ճգնաժամային իրավիճակ առաջանալիս, ինչպիսին էր, օրինակ, 1988-ի երկրաշարժը կամ արցախեան պատերազմը:

Սփիւռքի քաղաքականութեան վերագնահատման պատմական հնարաւորութիւնը

Թաւշեայ յեղափոխութիւնն այլ խիստ կարեւոր հարցերի շարքում նաեւ ստեղծել է պատմական ամենաբարենպաստ պահը, երբ Հայաստան պետութիւնը կարող է վերագնահատել սփիւռքի հետ համագործակցութեան մօտեցումները եւ արմատապէս վերանայել սփիւռքի նկատմամբ վարած իր քաղաքականութիւնը:

Հայաստանը կարեւոր դեր կարող է ունենալ սփիւռքի բազմազան շրջանակներին հայաստանակենտրոն ու ոչ հայաստանակենտրոն տարբեր ծրագրերում ներգրաւելու եւ նրանց ընկերային, մշակութային, տնտեսական ու քաղաքական դրամագլուխը Հայաստանի կամ սփիւռքի կարեւորագոյն խնդիրների լուծման նպատակով հաւաքագրելու աշխատանքներում: Աւելի՛ն. սփիւռքում շատերն ակնկալում են, որ Երեւանը կարող է դառնալ հէնց այն «չէզոք» վայրը, ուր սփիւռքահայ տարբեր շրջանակներ կարող են հանդիպել եւ քննարկել իրենց յուզող խնդիրները, մտածել այդ խնդիրների լուծման ուղղութիւնների շուրջ:

Պատմական փորձը ցոյց է տալիս, որ սփիւռքի հետ մէկ օրակարգով հնարաւոր չէ արդիւնաւէտ աշխատել: Սփիւռքը բազմաշերտ է, եւ սփիւռքի համայնքների, կազմակերպութիւնների ու անհատների հետ աշխատանքներում պէտք է ունենալ բազմակի օրակարգեր ու տինամիք քաղաքականութիւններ: Սփիւռքի նկատմամբ նոր քաղաքականութեան նպատակը երկարաժամկէտ հեռանկարում պէտք է լինի ուժեղ Հայաստանի կայացումը եւ ուժեղ սփիւռքի գոյութիւնը: Մեր պատկերացմամբ, ուժեղ սփիւռք ունենալու գաղափարը չի հակասում ուժեղ Հայաստան ունենալու տեսլականին եւ, ընդհակառակը, ուժեղ Հայաստանի կառուցումը պէտք չէ ենթադրի սփիւռքի միջոցների սպառում եւ սփիւռքեան կազմակերպութիւնների, միութիւնների, համայնքների թուլացում իրենց երկրներում: Սփիւռքի նկատմամբ սպառողական ու չհամակարգուած քաղաքականութիւնը կարող է կարճաժամկէտ հեռանկարում Հայաստանի համար շահ ապահովել, բայց հեռահար ժամկէտում` նուազեցնել կամ սպառել սփիւռքի ներուժը: Սփիւռքի հետ համատեղ ծրագրերի իրականացման ու համագործակցութեան ցանկացած գործելակերպ պէտք է խարսխուած լինի հէնց հեռահար արդիւնաւէտութեան հաշուարկի վրայ:

Առանձին խնդիր է սփիւռքի ճանաչողութեան հարցը: Եթէ հրէական, ափրիկեան, չինական, հնդկական կամ այլ սփիւռքների մասին բազմաթիւ լուրջ գիտական ուսումնասիրութիւններ կան, տարբեր երկրներում ձեւաւորուած հայ սփիւռքեան բազմազան ինքնութիւնների ու համայնքների մասին շատ քիչ ուսումնասիրութիւններ կան: Այդ պատճառով անհրաժեշտ է նաեւ ունենալ արդի սփիւռքագիտական տեսական ու համեմատական ուսումնասիրութիւններին հաղորդակից հայ սփիւռքի ուսումնասիրութեան կենտրոններ տարբեր երկրներում, որ պարբերաբար նոր գիտելիքներ կը ստեղծեն եւ տուեալներ կը հաւաքագրեն սփիւռքի բազմազան համայնքների, նրանց խնդիրների, հայկականութեան բազմազան դրսեւորումների, սփիւռքի այս կամ այն համայնքներում առկայ հմտութիւնների, հնարաւորութիւնների, միջոցների եւ շատ այլ հարցերի շուրջ (Հայաստանում եւ մի քանի այլ երկրներում այդպիսի կենտրոններ կան, սակայն դրանց կարեւոր մասը գործել եւ գործում են միջազգային տեսական ու համեմատական սփիւռքագիտական փորձից անկախ, հայ սփիւռքի մասին եղած որոշ աւանդական պատկերացումների պարունակում): Այսպիսի կենտրոնների կողմից իրականացուող հայ սփիւռքի նորարարական ուսումնասիրութիւններին ու հետազօտութիւններին հաղորդակից լինելը հնարաւորութիւն կ՛ընձեռի մշակելու սփիւռքի աւելի իրատեսական քաղաքականութիւններ:

Սփիւռքի նկատմամբ նոր քաղաքականութիւններ մշակելու եւ դրանք հետեւողականօրէն իրագործելու համար անհրաժեշտ է ունենալ որակապէս եւ գաղափարապէս նորովի աշխատող, արդիւնաւէտ լայն լիազօրութիւններով պետական մասնագիտացած գերատեսչութիւն` նախարարութեան կարգավիճակով:

Նորացուած սփիւռքի նախարարութեան տեսլականն ու առաքելութիւնը

Նորացուած սփիւռքի նախարարութիւնը պէտք է ծառայի «Ուժեղ Հայաստան-ուժեղ սփիւռք» տեսլականին: Այս տեսլականին ուղղուած` նախարարութեան հիմնական առաքելութիւնը կարող է լինել`

– Հայաստանի պետական շահերի պաշտպանութեան եւ ընկերային-տնտեսական զարգացման ու ռազմավարական այլ նպատակների համար սփիւռքի ներուժի հաւաքագրումը,

– Սփիւռքի բազմազան շրջանակների հետ համագործակցութեամբ ու համատեղ սփիւռքի ներուժի վերարտադրութեանն ու սփիւռքի ուժեղացմանն ուղղուած ծրագրերի մշակումն ու իրագործումը:

Սփիւռքի ուսումնասիրութիւնների տեսութիւնն ու փորձը ցոյց են տալիս, որ սփիւռքների սահմաններն անորոշ են եւ այդ իմաստով սփիւռքում ներկայացուցչական մարմինների ստեղծումը գործնականում անիրագործելի է:

Սփիւռքի նախարարութիւնը, սակայն, պարբերաբար տեղեկանալով սփիւռքի բազմազան շրջանակների, խմբաւորումների, համայնքների խնդիրներին, տարբեր ու բազմազան շրջանակների հետ մշտական կապի եւ քննարկումների մէջ լինելով եւ վայելելով այդ շրջանակների վստահութիւնը` կարող է նրանց ներկայացնողն ու ներկայացուցիչը դառնալ Հայաստանում եւ ՀՀ կառավարութիւնում:

Ինչպէս, օրինակ, գիւղատնտեսութեան կամ կրթութեան նախարարութիւնը միաժամանակ ներկայացնում են ինչպէս պետութեան, այնպէս էլ այդ ոլորտում աշխատողների եւ այդ ոլորտում գործող կառոյցների շահերը, սփիւռքի նախարարութիւնն էլ կարող է հանդիսանալ այդ միջնորդ կառոյցը, որ Հայաստանը կը ներկայացնի սփիւռքում եւ սփիւռքի բազմազան շահերի ներկայացնողը կը լինի Հայաստանում: Ուժեղ Հայաստան եւ ուժեղ սփիւռք ունենալու տեսլականի իրագործման համար սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները պէտք է կառուցուեն փոխշահաւէտութեան սկզբունքով, որոնք Հայաստանի զարգացմանը զուգահեռ, կը նպաստեն նաեւ սփիւռքի բազմազան շրջանակների կարողութիւնների եւ ներուժի հարստացմանը:

Այս տեսլականին ու առաքելութեանը ծառայող նորացուած սփիւռքի նախարարութիւնը կարող է լինել այն գերատեսչութիւնը`

Ա) Որ կը մշակի սփիւռքի նորարարական քաղաքականութեան ռազմավարութիւնը, նպատակները, խնդիրները, որ կը ստեղծի սփիւռքի քաղաքականութեան արդիւնաւէտութեան գնահատման մեքանիզմներ` մշտական խորհրդատուական խորհրդում սփիւռքը լաւ ճանաչող մասնագէտների ներգրաւմամբ ու նրանց աջակցութեամբ, որ նոյն խորհրդի աջակցութեամբ կը մշակի կարճաժամկէտ քաղաքականութիւններ, որոնք կը լինեն իրատեսական, փոխշահաւէտ, ուղղուած կը լինեն Հայաստանի զարգացմանը եւ միտուած կը լինեն սփիւռքեան բազմազան համայնքների կարիքներին:

Բ) Որ` այլ երկրների կառավարութիւնների հետ համագործակցութեամբ կը մշակի եւ կ՛իրագործի սփիւռքի տեղական ներուժն ու միջոցները ներգրաւող եւ Հայաստանի տարբեր ոլորտների զարգացմանն ուղղուած ծրագրեր:

Գ) Որ` կը համագործակցի սփիւռքում գործող կառոյցների, անհատների հետ` ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան:

Դ) Որ` սփիւռքի բազմազան գործարար եւ այլ շրջանակների հետ պարբերաբար հանդիպումների եւ քննարկումների արդիւնքում ՀՀ այլ գերատեսչութիւնների հետ համատեղ հանդէս կը գայ Հայաստանում սփիւռքահայերի ներգրաւման եւ ներդրումների դաշտի բարելաւմանն ուղղուած քաղաքականութեան առաջարկներով եւ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններով:

Ե) Որ` սփիւռքի ամերիկեան, ռուսական, եւրոպական կամ այլ երկրներում հաստատուած բազմազան գործարար, գիտական եւ մասնագիտական շրջանակների հետ պարբերաբար հանդիպումների եւ քննարկումների միջոցով կ՛օգնի ՀՀ կառավարութեանը գնահատել եւ պատկերացումներ կազմել միջազգային շուկաներում հայաստանեան արտադրութեան ապրանքների սպառման հնարաւորութիւնների մասին, որ կ՛օգնի նաեւ պատկերացումներ կազմել Հայաստանում այն ոլորտների մասին, որոնցում սփիւռքահայ ներդրողները կարող են էական գործունէութիւն ծաւալել:

Զ) Որի համապատասխան վարչութիւններն ու բաժինները սփիւռքի տեղական կառոյցների կամ անհատների հետ կ՛ուսումնասիրեն այս կամ այն երկրում առկայ համատեղ դրամաշնորհային ծրագրերի միջոցով Հայաստանում կամ սփիւռքի այս կամ այն համայնքում տարբեր զարգացման ծրագրեր իրականացնելու հնարաւորութիւնները, կը մշակեն հայաստանեան եւ սփիւռքեան տարբեր կազմակերպութիւնների հետ համատեղ առաջարկներ եւ ծրագրեր:

Է) Որ` արտաքին գործերի նախարարութեան եւ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնների հետ համատեղ կ՛աշխատի սփիւռքահայ շահերի խմբերի հետ` իրենց իսկ երկրներում հայկական համատեղ քաղաքական օրակարգերի շուրջ, ու թերեւս, որոշ քաղաքական օրակարգերի շուրջ նաեւ ոչ հայկական այլ շահերի խմբերի հետ համագործակցութեամբ:

Ը) Որ`  կ՛աջակցի սփիւռքի տարբեր կազմակերպութիւններին եւ նախաձեռնութիւններին` բազմազան ծրագրերի շուրջ ստեղծելու եռակողմ համագործակցութիւններ իրենց երկրներում գործող տեղական (հասարակական կամ այլ) կազմակերպութիւնների, իրենց կազմակերպութեան եւ Հայաստանում գործող նմանատիպ (հասարակական կամ այլ) կազմակերպութիւնների միջեւ:

Թ) Որ` սփիւռքի տարբեր շրջանակների հետ համատեղ կը մշակի ու կ՛իրագործի Հայաստանում զարգացման, ներդրումների եւ մասնագիտական ներգրաւման ծրագրեր, միջնորդ կը հանդիսանայ Հայաստանում առկայ կարիքների, այդ կարիքների շուրջ աշխատող հասարակական կազմակերպութիւնների ու պետական հաստատութիւնների եւ սփիւռքի տարբեր անհատների, կազմակերպութիւնների ու հաստատութիւնների միջեւ:

Ժ) Որ` շարունակաբար ներկայ կը լինի սփիւռքի բոլոր համայնքներում տեղեկատուական բնոյթի գրքոյկների, պարբերաբար թարմացուող արդիական կայքէջի, ընկերային ցանցերում ներկայացուածութեան, սփիւռքի տարբեր կազմակերպութիւնների, հաստատութիւնների եւ անձանց հետ պարբերաբար կապի մէջ գտնուող իր վարչութիւնների ու բաժինների, ինչպէս նաեւ ՀՀ ներկայացուցչական մարմիններում սփիւռքի գծով կցորդ (attache) պաշտօնեաների միջոցով:

ԺԱ) Որի համապատասխան վարչութիւններն ու բաժինները ամէնօրեայ դրութեամբ կը հետեւեն սփիւռքում լոյս տեսնող ինչպէս տպագիր, այնպէս էլ համացանցային ու թուային հայ պարբերականների բովանդակութեանը թէ՛ հայերէնով, թէ՛ հէնց իրենց` սփիւռքի բազմազան լեզուներով (ռուսերէն, անգլերէն, սպաներէն, ֆրանսերէն, արաբերէն եւ այլն), եւ տեղեակ կը լինեն սփիւռքի բոլոր զարգացումներին:

ԺԲ) Որ` տարբեր համայնքների մասին պարբերաբար տեղեկատուութիւն ստանալով` կը կարողանայ կապել սփիւռքի մէկ վայրում կամ ոչ սփիւռքեան տարածութիւններում առկայ միջոցները այլ սփիւռքեան վայրերում առկայ կարիքներին` այդպիսով համակարգելով միջոցների աւելի արդիւնաւէտ ծախսը եւ նպաստելով սփիւռքի տարբեր կենտրոնների միջեւ անդրազգային կապերի ձեւաւորմանն ու ամրապնդմանը:

ԺԳ) Որ` հարցումների եւ հետազօտութիւնների հիման վրայ պարբերաբար կը մշակի տարբեր երկրներում, կամ մէկ երկրի տարբեր քաղաքներում ու շրջաններում բնակուող ազգութեամբ, ծագմամբ կամ որեւէ կերպ իրենց հայ համարող անձանց ու խմբաւորումներին տարբեր ծրագրերում ներգրաւելու տինամիք քաղաքականութիւններ, այդպիսով հաւաքագրելով սփիւռքի` հայկական նախաձեռնութիւններից ու Հայաստանից կտրուած մեծ թիւ կազմող այս սփիւռքահայ զանգուածներին:

ԺԴ) Որ` կը կարողանայ անուղղակիօրէն` խորհրդատուութեամբ կամ խնդիրների լուծմանն իր աջակցութեամբ, մասնակից դառնալ սփիւռքի տարբեր կազմակերպութիւնների կողմից սփիւռքեան դպրոցների կամ այլ հաստատութիւնների ստեղծման, ընդլայնման, կամ փակման, սահմանափակման եւ օտարման որոշումներին;

ԺԵ) Որ` պատրաստ կը լինի նախարարի, փոխնախարարների, համապատասխան վարչութիւնների ու բաժինների մակարդակով արձագանգել սփիւռքի տարբեր կառոյցների (կուսակցութիւնների, եկեղեցիների, բարեգործական, երիտասարդական, մշակութային կամ այլ կազմակերպութիւնների) կողմից ստացուած դիմումներին եւ համապատասխան խնդրանքի դէպքում` նաեւ մասնակցել ու միջնորդել սփիւռքի տարբեր համայնքներում առկայ խնդիրների լուծմանը (հարկ եղած դէպքում նաեւ` պետական-դիւանագիտական միջնորդութեամբ):

ԺԶ) Որ` համապատասխան վարչութիւնների ու բաժինների պատասխանատուների միջոցով սփիւռքեան տարբեր կառոյցների հետ համատեղ կը մշակի եւ կ՛իրականացնի տեղական միջավայրերին  համապատասխան արեւմտահայ կամ արեւելահայ լեզուների ուսուցման, տեղական հայկական կրթութեան ու մշակոյթի զարգացմանը միտուած ծրագրեր:

ԺԷ) Ուր` ցանկացած սփիւռքահայ Հայաստան գալուն պէս կը ստանայ տեղեկատուութիւն` իր մասնագիտական կամ այլ մասնակցութեան ու ներդրումների, Հայաստանում հաստատուելու, ուսանելու, զինուորական ծառայութիւն անցընելու եւ մի շարք այլ հարցերի շուրջ:

ԺԸ) Որ` կ՛օգնի սփիւռքահայ հայրենադարձներին հաստատուել Հայաստանում եւ կը նպաստի հայրենադարձների` սփիւռքահայից-հայաստանցի անցմանը` խորհրդատուութեան եւ այլ ծրագրերի միջոցով, ինչպէս նաեւ` Հայաստանում հաստատուած սփիւռքահայերի հետ ժամանակ առ ժամանակ հարցումների եւ հարցազրոյցների միջոցով ստացուած խնդիրներին արձագանգելով եւ այդ խնդիրները լուծելով:

Ի հարկէ, այսքանով չեն սահմանափակւում մեր պատկերացրած վերափոխուած սփիւռքի նախարարութեան անելիքները: Ռազմավարական ուղղութիւնների այս շարքը կարելի է ընդլայնել փորձագէտների եւ շահագրգիռ աւելի լայն շրջանակների հետ քննարկումների արդիւնքում: Սփիւռքի հետ նման բազմամակարդակ յարաբերութիւններ ձեւաւորելու համար անհրաժեշտ է ունենալ առանձին գերատեսչութիւն, որ ներկայացուած կը լինի կառավարութիւնում, հաշուետու կը լինի կառավարութեանը, որ այլ գերատեսչութիւնների հետ համագործակցութեամբ` կը մշակի ու կ՛իրագործի սփիւռքի կրթական, մշակութային, քաղաքական, արտաքին քաղաքական ներուժի հարստացմանը նպաստող եւ այդ ներուժը արդիւնաւէտօրէն հաւաքագրող բազմազան ծրագրեր:

Սփիւռքի քաղաքականութեան միջազգային փորձը

Սփիւռքի նորարարական քաղաքականութիւնների միջազգային փորձ կայ: 2015թ.-ին Իրլանտայի կառավարութեան մշակած սփիւռքի քաղաքականութիւնը, օրինակ, ունի հետեւեալ նպատակները.

Ա) Աջակցել իրլանտացի արտագաղթողներին, որպէսզի լաւագոյն հնարաւոր կենսապայմաններ ստեղծեն իրենց բնակութեան երկրներում:

Բ) Օգնել արտագաղթածներին եւ նրանց սերունդներին` զարգացնել եւ պահպանել իրենց իրլանտական ինքնութիւնը եւ կապը Իրլանտայի հետ:

Գ) Սփիւռքի անդամների հետ համատեղ աշխատել ի նպաստ Իրլանտա կղզում շարունակական խաղաղութեան ու բարեկեցութեան:

«Կլոպալ իրլանտացի» խորագրով սփիւռքի քաղաքականութեան այս նպատակները հիմնուած են իրլանտական սփիւռքի իրատեսական ըմբռնման վրայ, որն ընդգրկում է թէ՛ Իրլանտայից վերջին տարիներին արտագաղթածներին եւ թէ՛ իրլանտական ծագումով անձանց, որոնք ապրում են Իրլանտայից դուրս, բայց այս կամ այն կերպ կապուած են իրլանտական մշակոյթին ու ժառանգութեանը: Կարելի է, ի հարկէ, ուսումնասիրել, թէ ինչպէս է իրլանտական կառավարութիւնն իրագործում այս նպատակները, սակայն կարեւոր էլ չէ, որ Հայաստանի քաղաքականութիւնը ընդօրինակի իրլանտական, հրէական, հնդկական, լիբանանեան կամ այլ սփիւռքների քաղաքականութիւնները:

Ամփոփում

Սփիւռքի համեմատական ուսումնասիրութիւնները հայ սփիւռքի էմպիրիկ հետազօտութիւններին զուգահեռ` հիմքեր կ՛ապահովեն աւելի արդիւնաւէտ եւ ճկուն սփիւռքի քաղաքականութիւններ մշակելու համար: Աւելի՛ն. սփիւռքի նորացուած նախարարութեամբ եւ քաղաքականութեամբ յետյեղափոխական Հայաստանը կարող է նաեւ հանդիսանալ պետութիւն-սփիւռք(ներ) յարաբերութիւնների ու նորարարական քաղաքականութիւնների արտահանողն ու մոտելը: Վերը շարադրուած հեռանկարներն ունենալու տեսանկիւնից սփիւռքի հետ նորարարական քաղաքականութիւնների մշակման այս պատմական հնարաւորութիւնների փուլում սփիւռքի հետ յարաբերութիւնների անկախ գերատեսչութիւն ունենալն առաւել քան կարեւոր է: Սակայն սփիւռքի նախարարութեան ռազմավարութեան, ծրագրային ու քատրային վերանայումն ու կրճատումներն  անհրաժեշտութիւններ են:

Մեր համոզմամբ, սփիւռքը աշխարհաքաղաքական առումով Հայաստանի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունի եւ կարող է ունենալ, ինչպէս այլ երկրների համար` իրենց բնական պաշարները: Եթէ ռազմավարական առումով, երկարաժամկէտ հեռանկարում, սփիւռքի ներուժի հզօրացումն ու հաւաքագրումը Հայաստանի համար նոյնքան կարեւոր է, որքան` գիտութեան, բժշկութեան, տնտեսութեան զարգացումը, ապա սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները նոյնպէս պէտք է ընդգրկուած լինեն Հայաստանի ներքին քաղաքական կարեւորագոյն ոլորտների շարքում: Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը ժամանակի ընթացքում գերարդիւնաւէտ դարձնելով` հնարաւոր կը լինի սփիւռքի բազմազան համայնքների, կազմակերպութիւնների եւ սփիւռքի ամենահեռացած եւ օտարուած շրջանակների հետ ուղղակի կապեր ստեղծել եւ ժամանակի ընթացքում նպաստել սփիւռքի հզօրացմանն ու Հայաստանի ռազմավարական խնդիրների լուծման նպատակով սփիւռքի ներուժի հաւաքագրմանը:

Վարձքդ Կատար, «Նորմա՛»…

$
0
0

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ Լիբանան այցելեց «Նորմա» փոթորիկը… փոթորիկ մը, որ ճերմակով պարուրեց լիբանանեան բոլոր գիւղերը ու ծարաւը յագեցուց լիբանանեան վտանգուած բազմադարեան մայրիին… փոթորիկ մը, որ ողողեց ճամբաները իր յորդառատ անձրեւներով, ու լիբանանցի ժողովուրդին ուշադրութիւնը քանի մը օր շեղեց կառավարութեան կազմութեան հիմնահարցէն, որ վերածուած է թնճուկի մը: Սակա՜յն… աւելի կարեւորը, ան ի յայտ բերաւ բազմազան խնդիրներ, որոնցմէ են` օրինազանցութիւնը, կաշառակերութիւնն ու չարաշահութիւնը:

Կառավարութեան հանգոյցը, ըստ երեւոյթին, դարձած է գորդեան հանգոյց… սակայն կ՛արժէ յիշեցնել, որ Աղեքսանդր Մակեդոնացին, «Գորդիոսի հանգոյց»-ը լուծեց սուրի մէկ հարուածով եւ դարձաւ Ասիոյ տիրակալը:

Ինչ կը վերաբերի «Նորմա» փոթորիկին, ան եղաւ խիզախ, յանդուգն, անկեղծ ու ճշմարիտ հիւր մը, որ բնութեան ճամբով բացայայտեց բաւական հսկայ «ճարպիկութիւններ»: Լիբանանի գետերը մի՛շտ կը յորդին, սակայն լիճեր չեն ստեղծեր` շէնքերը վերածելով արշիպեղագոսի: Շնորհիւ անոր ի յայտ եկաւ, թէ ոմանք նոյնիսկ խաղցած են գետերու հունին լայնքով եւ հոսանքին ուղղութեամբ: Ճամբաներ փուլ եկած են, արդեօք որո՞նք են այդ ճամբաներու վկայեալ ճարտարապետները եւ անոնց նեցուկ կանգնողները: Լիբանանեան ենթակառոյցի իրականութեան յայտնաբերումով, զանազան հարցումներու դուռ բացուեցաւ: Ան բացայայտեց նաեւ ծովեզերեայ հանրային կալուածի մը բռնազաւթման խնդիրը, որ անցեալ ամառ վերածուեցաւ անձնական կալուածի, եւ որուն համար օրին ժողովուրդը բողոքեց ու ճամբայ իջաւ, սակայն միայն «Նորմա» փոթորիկի ալիքներն էին, որոնք կրցան այս հարցին իրականութիւնը երեւան բերել:

Բարով եկար ու գացիր, սիրելի՛ «Նորմա»:

Հիւրընկալ Լիբանանն ու անոր ժողովուրդը գրկաբաց կը սպասեն շաբաթավերջին ժամանող նոր փոթորիկն ու անոր յաջորդները:

Բնութիւնը սանձելն ու կաշառելը անհնար է:

 

 

Յուշերն Անուշ Են

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Գիշերը բաւական յառաջացած էր, երբ տղաս մտաւ տուն: Հասկնալի է: Երիտասարդ է, եւ շաբաթավերջերը ընկերներով դուրսը անցընելը բնական է, սակայն իբրեւ ծնող` նաեւ բնական է մտահոգուիլը:

Քանի մը անգամ իր սենեակի դռնէն ստուգեցի, թէ վերադարձա՞ծ է, թէ՞ ոչ, եւ ամէն անգամ նշմարեցի, որ տակաւին դատարկ էր իր անկողինը:

Անզգալաբար քունի անցած էի, երբ արեւածագի  մօտ դարձեալ ստուգեցի եւ ուրախութեամբ նկատեցի, որ արդէն իսկ անկողին մտած եւ խոր քունի մէջ էր, ես ալ իմ կարգիս հանգիստ սրտով կրկին մտայ անկողին:

Յաջորդ օրը մտերմաբար հարցուցի. «Երէկ իրիկուն բաւական ուշացար: Ո՞ր ժամուն մտար տուն»:

Իր յայտնած ժամէն շատ աւելի ուշ, քանի մը անգամ ստուգած եւ նկատած էի, որ տակաւին չէր եկած: Ստախօս չէ, սակայն ակներեւ էր, որ այդ վայրկեանին չուզեց կամ չհամարձակեցաւ յայտնել տուն մտած ճիշդ ժամը, հաւանաբար` զիս չմտահոգելու նպատակով: Ժպտեցայ եւ չուզեցի հակաճառել: Իւղոտ պատառի մը նման` «կլլեցի» այդ սուտը, կամ` ինքնապաշտպանութիւնը, եւ միեւնոյն վայրկեանին մտովի վերադարձայ երիտասարդութեանս «խենթ» տարիները, երբ ես ալ իմ կարգիս ոչ միայն շաբաթավերջերուն, այլ գրեթէ ամէն գիշերպզտիկ ժամերուն տուն կը մտնէի:

Լիբանանի ոսկի տարիներն էին: Քաղաքացիական պատերազմ չէինք տեսած, եւ Պէյրութ քաղաքը օրական 24 ժամ արթուն էր: Ամէնուրեք եռուզեռ էր ու ապահով:

Ամէն անգամ երբ ուշ մտնէի տուն, բարի հայրս յաջորդ օր միեւնոյն հարցումը կ՛ուղղէր ինծի. «Երէկ իրիկուն բաւական ուշացար: Ո՞ր ժամուն մտար տուն»:

Բնականաբար կը խուսափէի ճիշդ ժամը յայտնելէ, եւ «միամիտ» հայրս զարմանքով կ՛արտայայտուէր. «Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ գալդ չեմ զգացած: Երեւի քունի անցնելէս անմիջապէս ետք մտեր ես տուն»: Կ՛ուրախանայի, որ կարողացած էի «խաբել» զինք:

Այդ օր արեւածագի մօտ էր, երբ տուն մտայ: Սուսիկ փուսիկ կը պատրաստուէի անկողին մտնել, երբ հայրս անկողնին մէջէն հարցուց. «Այսօր կանո՞ւխ գործի կ՛երթաս»:

Անակնկալ հարցում մըն էր: Չէի համարձակեր ըսել ճշմարտութիւնը, որ նոր տուն կը մտնեմ: Ստախօս չեմ, սակայն… ստեցի:

– «Այո՛, հայրի՛կ, գործերը շատ են եւ այսօր քիչ մը կանուխ պիտի երթամ գործի», ըսելով, տակաւին գիշերազգեստս չհագած, ելայ տունէն դէպի … «գործատեղիս»:

Տակաւին շատ կանուխ էր: Ո՞ւր կրնայի անցընել այդ քանի մը ժամերը:

Փորձեցի ինքնաշարժիս մէջ քնանալ: Առտուան ցուրտը թոյլ չտուաւ, որ կարենամ քունի անցնիլ: Այնքա՜ն զղջացի հետս ծածկոց մը կամ վերարկու մը բերած չըլլալուս համար:

Բարի եւ հասկցող հայր մը ունէի, որուն կարելի էր յայտնել ճշմարտութիւնը եւ քանի մը ժամ հանգստանալէ ետք մեկնիլ գործի: Բայց… զլացայ: Յաջորդ օր դարձեալ քաջութիւնը չունեցայ ըսելու ճշմարտութիւնը: Վստահաբար կռահեց, որ այդ ժամուն գործի չէի գացած:

Կարծելով, որ կարողացայ խաբել բարի հայրս, խաբեցի ինքզինքս: Ինքնաշարժիս մէջ քանի մը ժամ քնանալու անյոյս փորձերս տակաւին թարմ են յիշողութեանս մէջ:

Անսահման բարի անձ մըն էր հայրս, սակայն, ըստ երեւոյթին, այդքան ալ միամիտ չէր:

Ջղայնանալու, կամ բարկանալու պարագային, վստահաբար կացութենէն ոչինչ պիտի փոխուէր: Պիտի շարունակէի գիշերները բարեկամներով անցընել եւ ուշ տուն վերադառնալ: Երեխայ չէի, որ զիս պատժելով կարենար կարգի մտցնել:

Ինքզինքը «միամիտ» ձեւացնելով, առանց բարկանալու, այնպիսի ձեւով մը «պատժեց», որ մինչեւ օրս կը յիշեմ այդ ցուրտ օրը ինքնաշարժիս մէջ դողալով քնանալու փորձերս:

Այդ օր գործի գացի անքուն: Դժուար օր մը անցուցի: Տուն վերադարձիս անմիջապէս մտայ անկողին: Խոհեմ հայրս չփորձեց հետաքրքրուիլ այնքան կանուխ անկողին մտնելուս պատճառով: Շատ լաւ գիտէր: Լռելեայն խոստովանած էի յանցանքս, եւ ինք լռելեայն ներած էր իր «անառակ» որդին:

Վերը յիշած դէպքս պատմեցի տղուս: Խնդացինք, սակայն զինք զուարճացնելու  միտումով չէր, որ պատմեցի: Վստահաբար հասկցաւ, թէ` «Առակս զի՞նչ ցուցանէ»:

Անկեղծութիւն` զաւկի եւ ծնողքի միջեւ: Հասկցող հայր մը միեւնոյն ժամանակ պարտի ըլլալ նաեւ իր զաւկին ընկերը:

Հօրս օրինակին հետեւելով` միեւնոյն ձեւով վարուեցայ տղուս հետ: Լաւ գիտէի, թէ ո՛ր ժամուն տուն մտած էր: Արգելք հանդիսանալս կացութենէն շատ բան պիտի չփոխէր: Երիտասարդ է: Երիտասարդ էի նաեւ ես: Ինչ որ ներկայիս կ՛ընէ ինք, միեւնոյնը ըրած եմ ես, երբ իր տարիքին էի:

Սիրելի հայրս որբանոցներու մէջ հասակ առած եւ մեզ նման երիտասարդական «խենթ» տարիներ անցընելու առիթը չէր ունեցած, սակայն կը հասկնար, որ օրերը փոխուած են, իսկ այսօր` կը հասկնամ նաեւ ես, որ շատ աւելի փոխուած են օրերը:

Ներկայիս որքա՜ն դժուար է զաւակ դաստիարակելը: Այդ տարիներուն հօրս ամենամեծ մտահոգութիւնը նիւթական ապահովելն էր, որպէսզի կարողանայ հոգալ ընտանիքին կարիքները: Ներկայիս մարտահրաւէրները այնքա՜ն շատ են, իսկ փորձութիւնները` բազմատեսակ: Ամենախելօք զաւակն անգամ, գէշ ընկերոջ մը հետեւելով, դիւրութեամբ կրնայ ճամբէ շեղիլ: Մեր տարիներուն նոյնիսկ տեղեակ չէինք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «գէշ ընկեր»: Ներկայ օրերու նման` թմրեցուցիչի գործածութիւնը չէր ընդհանրացած: Այսօր նոյնիսկ օրինաւոր դարձուցած են անոր գործածութիւնը: Ոչ միայն օրինաւոր, նաեւ ծանուցումներով կը քաջալերեն, որ մարդիկ «վայելեն» այդ մահացու «դեղը»:

* * *

Պահ մը վերադառնանք Լիբանան, երբ մեր «խենթ» օրերու յուշերը փոխարինուեցան տարբեր տեսակի յուշերով:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներն էին: Ձմրան ցուրտ գիշերները կ՛անցընէինք պահակութեամբ: Հայկական թաղերը կը պաշտպանէինք: Եռագոյն դրօշ ծածանած զինուորական «ճիփ»-երով շրջուն հայ պահակները կը ստուգէին հայկական դիրքերը:

«Ամէն ինչ կարգի՞ն է, տղա՛ք: Բանի մը պէտք ունի՞ք»:

Տխուր օրեր էին, սակայն ներկայիս դարձած են անուշ յուշեր:

Այդ օրերուն, երբ պզտիկ ժամերուն տուն մտնէի, սիրելի հայրս հպարտութեամբ կը դիմաւորէր զիս: Որքան ալ վտանգաւոր, գիտէր, որ երիտասարդական «խենթ» հաճոյքներու համար չէր, որ ուշ կը մտնէի տուն, իսկ ես ճակատաբաց կը յայտնէի տուն մտած ճշգրիտ ժամս:

Անուշ օրերը յանկարծ վերածուեցան տխուր յուշերու: Քաղաքացիական պատերազմ, ծննդավայրէ ակամայ գաղթ` դէպի հսկայ ձուլարան, կեանքը վերսկսելու դժուար պայմաններ, սակայն լաւ կամ վատ օրեր… յուշեր են, որոնք դրոշմուած են մեր ուղեղին մէջ:

Տակաւին կը յիշեմ երիտասարդական «խենթ» տարիներս, մասնաւորաբար յիշողութեանս մէջ միշտ թարմ մնացած է այն օրը, երբ առանց իսկ անկողին մտնելու, անքուն, գացի գործատեղի, որովհետեւ քաջութիւնը չէի ունեցած հասկցող հօրս յայտնելու ճշմարտութիւնը:

Լոս Անճելըս, 2019


Համեստ, Նուիրաբեր Ու Օրինակելի Էյպեզցի Փանոս Մամիկոնեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

$
0
0

«Մենք ամէնքս հիւր ենք կեանքում
Մեր ծննդեան փուճ օրից,
Հերթով գալիս, անց ենք կենում
Էս անցաւոր աշխարհից:
Անց ենք կենում… միայն անմահ
Գործն է խօսում լաւ ու վատ,
Ա՜խ երանի ով մարդ կը գայ
Ու մարդ կ՛երթայ անարատ»:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

Անսակարկ ծառայութեան մարմնացում… Ոչինչէն շատ բաներ կերտեցիր եւ բարի յիշատակներով հեռացար, սիրեցիր ու սիրուեցար բոլորէն:

Որքան դժուար եղաւ այս տողերը գրել, երբ վերջին հրաժեշտով քառասուն օրեր առաջ լքեցիր այս աշխարհը` անդենականին մէջ ապահովելու անկիւն մը ու վայելելու յաւիտենական լոյսն ու խաղաղութիւնը:

Մահը դարձած է ամէնօրեայ ներկայութիւն մեր կեանքին մէջ. հարազատի մը մահագոյժը կը յուշէ, որ մահը անբաժան ստուեր մը ըլլալէ աւելի` կը դառնայ մեր ուղեկիցը: Մահուան քմահաճոյքին միշտ ենթակայ դարձած ենք, բայց անոր դէմ կը պայքարինք մեր անցաւոր կեանքին իմաստ մը տալու համար:

Փանոս Մամիկոնեանը ծնած է Իթալիան թաղ, Տորա, Լիբանան, 14 նոյեմբեր 1935-ին: Ան զաւակն է Յովսէփ եւ Նուրիձա Մամիկոնեաններուն: Նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը կը ստանայ Ճեմարանին մէջ, ուր կը վայելէ, հայաշունչ դաստիարակութեան զուգահեռ, ազգանուէր, վաստակաշատ գրագէտ եւ մտաւորական Լեւոն Շանթի ներկայութիւնը եւ ապա շրջանաւարտ կը դառնայ 1955-ին:

Փանոս հետաքրքրուած էր օդանաւորդութեան ճիւղով մասնագիտանալ եւ պաշտօնավարել իբրեւ ճարտարագէտ: Հետեւաբար ան 1957-2000 կը պաշտօնավարէ MEA ընկերութեան զանազան մարզերուն մէջ: Ան շատ մը հայ երիտասարդներու օգտակար կը դառնայ` դիւրացնելով անոնց պաշտօնավարութիւնը եւ մուտքը վերոյիշեալ ընկերութեան մէջ:

Յետ վերոնշեալ թուականին, Փանոս կը կանչուի օդանաւային անձնական ակադեմիա` «Private Academy», որ կարիքը ունէր իր փորձառութեան: Ան կը սկսի գործել եւ օգտակար դառնալ այն օդաչուներուն, որոնք գաղափար չունէին հին օդանաւերու գործելակերպէն, անոնց կու տար ցուցմունքներ` գիտելիքներու եւ գործընթացի:

24 սեպտեմբեր 1962-ին Փանոս կ՛ամուսնանայ Մէյպըլ Խաչերեանի հետ, որոնք կը բախտաւորուին երկու աղջիկ զաւակներով` Օտրի եւ Լարա: Փանոսը աշխատեցաւ ոչ միայն ընտանիքին բեռը շալկել, այլ ամբողջ էութեամբ հետեւեցաւ իր զաւակներուն դաստիարակութեան:

Սիրելի՛ Փանոս, դուն եղար քու արմատներուդ կապուած հայը: Եղար հաւատաւոր անդամը Ամանոսի Հայ աւետարանական Էմանուէլ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, որուն կազմին մէջ մեծ հաւատքով աշխատեցար եւ անոր բարգաւաճման արգասիքը վայելեցիր: Որպէս վարչական Էյպեզի հայրենակցական միութեան` երկար տարիներ աշխատեցար` բերելով համեստ ներդրումդ քեզի շատ սիրելի միութեանդ:

Մենք կը հաւատանք մեզմէ անվերադարձ բաժնուողներուն յարգանքի տուրք տալու աւանդութեան, եւ այսօր մենք ալ, մեր կարգին, այդ աւանդը պահելով, կու գանք ոգեկոչելու ննջեցեալ մեր վարչական եղբօր` Փանոս Մամիկոնեանին յիշատակը:

Նկարագրելով անոր յատկութիւնները եւ շեշտուած հայրենասիրութիւնը` պէտք է նկատի առնել ու ընդգծել մեր եղբօր անբասիր շաղուածքը, բարի, հիւրասէր եւ հայրենասէր ոգին, հարցերը իրենց յատուկ եղանակային բարեմասնութեամբ դիտելու կերտուածքը, գաղտնապահ ու եսասիրութենէ եւ ինքնագովութենէ հեռու մնալու հայու կերպարը:

Փանոսը ունէր խիզախ արտայայտութիւններ եւ շինիչ առաջարկներ: Այսուհաներձ, ան կը յարգէր իր հաղորդակիցին կարծիքը: Ան ունէր բարեհամբաւ ծառայութիւններ, ինչպիսիք են` օգտակար դառնալ կարիքաւորին, չքաւոր սանը հասցնել ուսման բարձր վկայականներու եւ մասամբ նորին:

Այսօր անգամ մը եւս, սիրելի՛ Փանոս, կը վերահաստատենք մարդկային արժանիքներուդ գնահատանքը, թէեւ` մեզմէ հեռու, անքակտելիօրէն կառչած մնացիր քու հաւատքիդ, համոզումներուդ, գիտակից եւ էյպեզցիասէր ծառայութեանդ ոգիին, եւ աշխարհի բոլոր էյպեզցիներուն եւ անոնց հարազատներուն յիշողութեանց մէջ քու բարի դիմագիծիդ ժպիտը միշտ պիտի յիշուի:

Ամէն անգամ երբ պիտի յիշենք քեզ, խնկելի յիշատակդ մեր հոգիները պիտի լեցնէ ակնածանքով ու պարծանքով:

Սիրելի՛ Փանոս, անպայման քու շիրիմիդ այցելուներ պիտի ունենաս, հետեւաբար ազատ ու հանգիստ ննջէ, քանի ընտանիքիդ, ազգիդ, համայնքիդ եւ միութեանդ պարտքը տալէ ետք դուն նաեւ քու զոհողութիւններովդ եւ հայրենասիրութեամբդ բարի օրինակ դարձար շա՜տ շատերուն:

Մենք կը հայցենք ամենակարող Արարիչին, որ շնորհէ լուսահոգիին ընտանիքին ու հարազատներուն հոգեկան այն ուժը, որ կարենան իմացականութեամբ եւ համբերութեամբ տոկալ այս դաժան պայմաններուն տակ, ցաւալի ու անժամանակ պատահարին:

Վարձքդ կատար, շա՛տ սիրելի հաւատաւոր վարչական եղբայր: Այս հիւրընկալ հողը թեթեւ ճնշէ յոգնատանջ ուսերուդ:

Խունկ ու մոմ` անթառամ յիշատակիդ:
Յիշատակն արդարոց օրհնեալ եղիցի:

ԷՅՊԵԶԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

The Adana Massacres Օսմանեան Երեսփոխան Յակոբ Պապիկեանի Ատանայի Կոտորածին Տեղեկագիրը` Անգլերէն

$
0
0

Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատունը 2018-ի վերջին օրերուն լոյս ընծայեց oսմանեան խորհրդարանի անդամ Յակոբ Պապիկեանի Ատանայի կոտորածին նուիրուած տեղեկագիրին անգլերէն ամբողջութիւնը` դոկտ. Ա. Կիւրեղեանի թարգմանութեամբ:

Տեղեկագրին ամբողջական այս թարգմանութեան կողքին, 114-էջանի գիրքը ունի ընդարձակ ներածական մը, նաեւ` յաւելուածներ, որոնք կը վերաբերին Պապիկեանի` ատենի վարչապետին ուղղած հեռագիրներուն, Ատանայէն վերադարձին իր ունեցած հարցազրոյցներուն: Թարգմանիչը յաւելումներու բաժնին մէջ զետեղած է նաեւ քննարկումներ, որոնք կը վերաբերին` Ատանայի պատերազմական ատեանի պատիժներուն, արեւմտեան մամուլին արձագանգներուն, բնակչութեան, զոհերու եւ նիւթաբարոյական վնասներու վիճակագրութեանց, Թուրքիոյ թիւ 301 յօդուածին եւ եւրոպական մարդկային իրաւանց ատեանի Թուրքիոյ վերաբերող 2010-2011-ի տեղեկագրին: Թարգմանիչը կը քննարկէ նաեւ Ատանայի կոտորածներուն ծրագրուած ըլլալու վարկածը եւ կը հաստատէ պետութեան մասնակցութիւնը ջարդերուն: Գիրքին վերջաւորութեան դրուած են նաեւ յաւելեալ ընթերցանութեան համար գրականութեան հարուստ ցանկ մը եւ անուանացանկ մը:

Տեղին է յիշել, որ 2018-ին Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատունէն լոյս տեսան չորս գիրքեր.

1.- «Սուրիոյ հայերը. գիտաժողովի նիւթեր» (24-27 մայիս 2015)/Armenians of Syria: Proceedings of the Conference (24-27 May 2015):

2.- Aghop Der Karabetian, «Armenian Ethnic Identity in Context: Empirical and Psychosocial Perspective»:

3.- «Հայկազեան հայագիտական հանդէս», հտր. ԼԸ.:

4.- Hagop Babiguian, «The Adana Massacres: An Eyewitness Account»,  translated and annotated by Dr. A. B. Gureghian, foreword (and Overview) by Dr. A. B. Gureghian, 2018, 140 pages:

Վերոյիշեալ հատորները, ինչպէս նաեւ հրատարակչատունէն լոյս տեսած գիրքերը ունենալու համար կարելի է դիմել համալսարանի քարտուղարութեան:

 

Ողջոյն` «Զմմառու Ջահակիրներ» Թերթօնին

$
0
0

ԵՂԲ. ՆՇԱՆ ՀԱՆՆԷՇԵԱՆ

21-րդ դարու տեղեկատուական ոլորտին մէջ հանրային ծառայութիւնը առաջնահերթ դիրքը կը գրաւէ, բայց եւ այնպէս պէտք է ընդունիլ, որ տպագիր մամուլը իր տեղը չէ զիջած եւ կը մնայ պատուանդանի վրայ: Արդ, օրըստօրէ լոյս կը տեսնեն բազում եւ բազմապիսի անուններ` ըլլայ օրաթերթերու  եւ կամ պարբերականներու: Ի տես այս իրականութեան` Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան Ս. Միքայէլ  ընծայարանի եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տարեգիրք «Կանչ հրեշտակապետին» 19-րդ համարի յաջող  թիւի մեծ ընդունելութիւն գտնելը խանդավառեց  համանուն կրթօճախի պատրաստողական տարուան կիսասարկաւագները, որոնց մտայղացմամբ եւ նախաձեռնութեամբ լոյս տեսաւ «Զմմառու Ջահակիրներ» թերթօնը:

Ամսական դրութեամբ տպագրուելիք սոյն պրակի դեկտեմբերին լոյս տեսած առաջին թիւը բաղկացած է 12 էջերէ, որ նուիրուած է Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն:

Կողքը զարդարուած է մեսրոպեան այբուբենով պատրաստուած տօնածառով, որուն ներքեւ կ՛աւետուի սոյն համարի լոյս ընծայման լուրը:

Երկրորդ էջին մէջ դպրեվանքի տեսուչ հօր` Գրիգոր վրդ. Պատիշահի ողջոյնի խօսքն է` թերթօնի ծնունդին ի տես:

Երրորդ էջին մէջ` փոխտեսուչ Տիգրան վրդ. Ֆիլիպպոսեանին ստորագրած  «Յիսնակաց շրջանը» ծիսական յօդուածը:

Այնուհետեւ հերթաբար ստորագրած են կիսասարկաւագները` Լեւոն կիս. սրկ. Ստեֆան`  «Ինչո՞ւ Ս. Ծնունդը կը նշենք դեկտեմբեր 25-ին»,

Վարդան կիս. սրկ. Ճալլուֆ`  «Ինքզինք Տիրոջ ընծայաբերել», Կարօ կիս. սրկ. Գլընճեան` «Ճանապարհորդութիւն, որ կ՛աւարտի երկրպագութեամբ», Պետրոս կիս. սրկ. Մարաշլեան Հատտատ` «Ձմեռ պապի` Ս. Նիկողայոսի վարքը»:

Նման թերթօններ կամ պրակներ կը նպաստեն հայ գիրի եւ գրականութեան, պատմութեան եւ մշակոյթին տարածման ու ծաղկման:

Թերթօնին ծնունդը կը զուգադիպէր այն պահուն, երբ աշխարհը կը տօնէ Տիրոջ Ս. Ծնունդն ու Յայտնութիւնը:

 

Հենրիկ Էդոյեանի «Հատընտիր»-ը*

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Աւելի քան տասնամեակ մը Խորհրդային Հայաստանի հրատարակչական գզրոցներուն մէջ մնալէ ետք, 1977-ին լոյս կը տեսնէր Հենրիկ Էդոյեանի «Անդրադարձումներ»-ը: Գործը քանի մը ամիս ետք ինծի կը տրամադրուէր Պօղոս Սնապեանի կողմէ` «Բագին» ամսագրին մէջ գրախօսուելու համար: Նոյն օրերուն ձեռքս կ՛անցնէր նաեւ Յովհաննէս Գրիգորեանի «Երգեր առանց երաժշտութեան» հատորը, եւ «Բագին»-ին համար յստակ կը դառնար, որ քերթողական նոր մտածողութեամբ բանաստեղծական նոր սերունդ մը կը կազմաւորուէր հայրենիքի մէջ, որուն մաս կը կազմէին յա՛տկապէս վերոյիշեալ երկուքը, առաւել` Արտեմ Յարութիւնեան, Արմէն Մարտիրոսեան եւ ուրիշներ: Ի՞նչ կը նշանակէր` «Երգեր առանց երաժշտութեան», կամ ինչպէ՞ս կարելի էր այդ ձեւով մօտենալ բանաստեղծութեան. փաստօրէն կը խնդրականացուէր բանաստեղծութեան յղացքը եւ թատերականացուած` անհեթեթ իրականութեան մը դիմաց հետզհետէ սեւ երգիծանքով մօտեցում մը կը գտնէինք: Իսկ Էդոյեանի «Անդրադարձումներ» խորագիրը կը մատնէր այս քերթողութեան անհատական կամ հաւաքական կենսափորձին ո՛չ թէ զգացական, այլ մտածողական-խորհրդածողական մօտեցումը, ուր բազմաթիւ յղումներ կային այլ մշակոյթներու առասպելներուն ու գրականութեան, յա՛տկապէս` յունականին:

Հասկնալիօրէն, սակայն` անընդունելիօրէն, այս շարժումին դէմ գրական հաստատութիւնը սուր պայքար կը բանար, որուն հետեւանքը որոշ երիտասարդներու հատորներուն տպագրութեան ուշացումն էր, սակայն այս կացութիւնը պատճառ կը դառնար նաեւ, որ այս տղաքը, գրաքննադատ Ա. Թոփչեանի հետ, յստակացնէին իրենց  ըմբռնումները եւ խորացնէին զանոնք: Այս քննարկումներու ծիրին մէջ Էդոյեան 1971-ին իսկ «Սովետական գրականութիւն» ամսաթերթին մէջ հրատարակած էր «Երկրորդ հնարաւորութիւն»-ը վերնագրով յօդուած մը, ուր կը շեշտէր արուեստի պայմանականութիւնը` օրինակ տալով օփերան եւ դիտել տալով, որ մարդիկ կեանքի մէջ երգելով չեն խօսիր, սակայն օփերայի մէջ երգելով կ՛արտայայտուին, եւ մենք կ՛ընդունինք զայն, ինչ որ օփերայի պայմանականութիւնն է, արուեստի՛ պայմանականութիւնը, եւ բանաստեղծը հարց կու տար. «Բայց մի՞թէ ամենապայմանական արուեստներից մէկը` պոէտական խօսքը պէտք է ընկալել իր ուղղակի իմաստով, ինչպէս անում են մեզ մօտ շատերը: Այս դէպքում մի թեթեւ շարժումով կարելի է ոչնչացնել ողջ պոէզիան, եգիպտական պապիրոսներից մինչեւ մեր ժամանակները»: Աւելի ուշ, երբ Եղիշէ Չարենցի բանաստեղծութեան արուեստին նուիրուած ուսումնասիրութեան  մէջ Էդոյեան կը վերլուծէ քերթողին պատկերի, առասպելի եւ փոխաբերութեան յարաբերութիւնները կամ «սինթետիկ արուեստը», կ՛անդրադառնանք, թէ Էդոյեան որքա՛ն խորունկ ծանօթութիւն ունի բանաստեղծական արուեստին, անոր տեսութեան ու մեքանիզմին:

Էդոյեանի մօտ կը հանդիպէինք հնչեակներէն, նոյնիսկ «սոնետների պսակ»-էն սկսեալ մինչեւ արձակի սահմաններուն հասնող ազատ տողերու, ուր իրականութիւնը լեզուի-արուեստի մակարդակին կը վերստեղծուէր, եւ միշտ ալ տուեալ կացութեան գիտակցումը, անդրադարձը կար: Այսպէս, ան պիտի ըսէր. Քո անունը եւ քո բառը առաջին/  խտանում են իմ օրերի անտառում, / անառարկայ ստուերներ են թափառում / եւ հանգչում են գիտակցութեան կամուրջին: /Ծառերն արագ բարձրանում են դէպի վեր, /քայքայելով սիրտը մարդու եւ հողի, /իսկ աչքերը որոնում են այլ ուղի / եւ իրենց մէջ յայտնաբերում նոր իրեր:

Հոն կը հանդիպէինք «Ֆլամինգօ»-ի պէս հնչեակներու, ուր թռչունին պատկերը ամէն տունի հետ կը կերպարանափոխուէր, կը վերայայտնուէր այլ համեմատութիւններով` նոր զգայնութիւններ փոխանցելով ընթերցողին:

794 էջ հաշուող «Հատընտիր»-ին մէջ տասնեակ մը հատորներէ բանաստեղծութիւններ կան, որոնց կարգ մը խորագիրներն անգամ թելադրական են, ինչպէս` «Պատկեր եւ կէսօր», «Երկրային ժամանակ», «Այժմ եւ միշտ», «Քայլեր եւ ստուերներ», «Երեք օր առանց ժամանակի», «Յենման կէտ» եւ այլն: Հոս երկու նիւթի կ՛ուզեմ անդրադառնալ գէթ այս սահմաններուն մէջ: Առաջինը սեփական կենսափորձի հարցն է, որուն յաճախ կ՛անդրադառնայ բանաստեղծը իր հարցազրոյցներուն ընթացքին, սակայն զայն պէտք է հասկնալ ոչ միայն առօրեայի առումով կամ ներքին կեանքի իմաստով, նոյնիսկ` երազանքով կամ երեւակայութեամբ ապրուած կեանքով, այլեւ` մտային մակարդակի, մշակութային ընկալումներու հարստութեամբ, որոնց հետ փորձառութեանց բաղդատութիւնները, յղումները, փոխաբերական պատկերները ներկայ են միշտ:

Երկրորդը ժամանակի գիտակցութիւնն է, նոյնիսկ` տագնապը կամ անձկութիւնը, ապրուող ներկայ պահուն առնչուած, կամ` անցեալին, որ ներկայ կրնայ ըլլալ ժամանակին հետ: Այսպէս, Էդոյեան կ՛արձանագրէ` «Ես վերադառնում եմ դէպի օրն իմ նախկին», քիչ ետք աւելցնելու համար` «Ես հեռանում եմ, հեռանում, որովհետեւ / ամէն վերադարձ նոյն շարժումն է առաջ, / եւ չկայ վերադարձ, այլ կայ միայն անցում»:

Հետզհետէ քաղաքային առօրեան կամ կենցաղը աւելի տեսանելի կը դառնան իր գործերուն մէջ, սակայն արագօրէն կը վերածուին փոխաբերական պատկերի կամ այլ իրականութեան, ինչպէս` շուկայէն վերադարձող երիտասարդ կինը, որ պատերազմի վեթերաններուն մէջ յուշեր, մարած ապրումներ կ՛արթնցնէ եւ ծառէն ինկած տերեւին մէջ կը չքանայ…

Այս հատորը թերթատելու ատեն պէտք չէ մոռնալ, որ աւելի քան կէս դարու վաստակ մը ունինք մեր դիմաց: Հոն երբեմն նոյնիսկ խոստովանական նկարագրի էջերու կը հանդիպինք, ինչպէս` «Գիշերուայ նախադրան առջեւ» գրութեան մէջ. «Մի ժամանակ այստեղ ես մենակ չէի,/ բայց այսպէս էլ կ՛ապրեմ, պառկում եմ քնելու / մեքենաների խուլ աղմուկի տակ – / «Իր երիտասարդութիւնը արդէն ապրեց նա», / «Այնքան հանգիստ է, կարծես մեռած լինի», / ես ձեւացնում եմ, թէ չեմ լսում նրանց,  / բայց իմ բարեկամները ինձ լաւ են հասկանում, / ես աւելի խորամանկ եմ, քան ցոյց եմ տալիս»:

Կամ այլուր պիտի գրէ. «Գնալով աւելի դժուար է դառնում / պոեզիա գրել / կամ ապրել` հայեացքդ աշնան նուրբ շողին / կամ Աւետարանի /  բացուած էջերին: Գնալով աւելի դժուար է քայլել / փողոցում, ուր չկան ծանօթ բարեկամներ, / եւ ամէն խօսք, / ամէն լռութիւն / դառնում է չարագուշակ  / մոռացութեան քող («Գնալով աւելի դժուար է դառնում»):

Հոս ուշադրութիւն պէտք է դարձնել, ինչպէս Էդոյեանի մօտ յաճախ կը պատահի, նախադասութիւնը կը շարունակուի յաջորդ տողին վրայ, խախտելով սահմանները արձակի եւ քերթողութեան, ինչ որ աւելի բնական կամ անմիջական լեզու մը կը ստեղծէ: Ճիշդ է որ ասոր ծանօթ ենք արեւմտեան, մասնաւորաբար ամերիկեան գրականութեան մէջ, բայց, կարծէք, ամէնէն յաջող կիրարկումներէն մէկը գտած է իր կողմէ հայաստանեան բանաստեղծութեան մէջ:

«Հատընտիր»-ը երկար տասնամեակներու ստեղծագործական աշխատանքի եւ պայքարի բեղմնաւոր արգասիքն է, որուն արդիւնքը մտածողական նկարագրով, ընդարձակ մշակոյթի մը արձագանգները բերող, ինքնուրոյն բանաստեղծութեան մը իրականացումն է:

————–

* Էդոյեան, Հենրիկ. «Ընտրանի», «Հայագիտակ», «Գիր» հրատ., Երեւան, 2016:

ՖԼԱՄԻՆԳՕ

Ամպերի միջից ելնում է նա դուրս,
երկու թեւեր է օդում նկարում,
նայում է մի պահ, յետոյ չքանում
ինչպէս քնի մէջ յայտնուող մի լոյս:

Թափառաշրջիկ երկնային, բայց կոյս,
մի ծաղիկ` բացուած քամու սահմանում,
նա իր գոյութեան թռիչքն է պահում
ծնուած օդային աշխարհի ոգուց:

Ներքեւ է իջնում երկնքից անխօս,
լճի վրայով ընթանում, ինչպէս
ջրերի վրայ քայլող Քրիստոս:

Շուրջը մի երգ է ծնւում մահուան պէս,
նա լուռ քաշւում է խորքում թեւերի,
ձուլւում հմայքին մեղեդիների:

ARS POETICA

Փողոցային լապտերների անշեղ լոյսերից
պատկերները խառնւում են, շփոթեցնում ինձ,
ես մի վայրկեան կարկամում եմ, բայց նոյն վայրկեանում
ինձ մի մեռած բանաստեղծի աչքերն են նայում:

«Շատ մի նայիր այդ լոյսերին,- ասում է նա ինձ,-
գեղեցիկը քո միջով է դառնում առօրեայ,
բայց նրա մէջ քո աշխարհը եթէ չմեռնի
մեծ աշխարհը քո խօսքի մէջ երբեք չի յառնի:

Թող իրերը քո մէջ խօսեն, ոչ թէ դու խօսես,
քո փոխարէն աշխարհն ինքը թող մօտենայ քեզ,
քո մի բառում թող յայտնուի տիեզերքը մեծ» –
պոետն ասաց ու ժպտալով ինձ ձեռքով արեց:

ԴԱ ՊԱՏԱՀԵՑ ՅՈՒԼԻՍԻՆ

Կինը վերադառնում է շուկայից, զամբիւղը
լցուած է մրգերով,
յոգնած է, կարծես թէ ոտքերն էլ ցաւում են,
արեւից դեղնել են այգու խոտերը, բայց նա
գալիս է շուկայից եւ անցնում այգու միջով,
զամբիւղի մէջ ծիծաղում են մրգերը, իսկ մազերը
թռչկոտում են, ճախրում, ինչպէս թռչուններ,
որոնք ճիւղերի միջից նայում են նրան
եւ աչքով անում, փողոցի անկիւնից
գալիս է մեքենան, բայց նրան տեսնելով
դառնում է եղջերու եւ երկար արտասւում
անտառի ծառերի մէջ, իսկ նա շուկայից
տուն է վերադառնում, անցնում այգու միջով,
ուր պատերազմի վետերանները տեսնելով նրան
անցեալն են յիշում եւ փնտռում զէնքերը,
իսկ երբ նա անցնում է` բոլորն էլ սպաննւում են,
բայց կինը վերադառնում է շուկայից, մարմնի մէջ
աղմկում է շուկան, վառւում են մրգերը թարմ,
վիճում են, վազվզում, յոգնած է, կարծես թէ
ոտքերն էլ ցաւում են, ցանկապատի մօտ
մի տերեւ ընկնում է ծառի վրայից,
եւ կինը մտնում է նրա մէջ, չքանում:

ՅԵՆՄԱՆ ԿԷՏ

Դու յենման կէտ ես փնտռում,
բայց նաւի վրայ ես դու,
իսկ նաւը` ջրի վրայ,
իսկ ջուրը` երկրի, որը սլանում է մոլեգին վազքով
տիեզերքի սոսկալի
ամայութեան մէջ: Դու յենման կէտ ես փնտռում
օրերիդ փոշու մէջ: Քո կեանքը մի օր է`
ծածկուած օրերով, ինչպէս վարդի սիրտը – նրա թերթերով, մի անշարժ
աստղի տակ, որի շողերի մէջ
ամէն ինչ հոսում է անսկիզբ,
անծրագիր,
եւ չունի յենման կէտ
ոչ կեանքի, ոչ մահուան մէջ:

ՀԵՆՐԻԿ ԷԴՈՅԵԱՆ

ՀՅ Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովի Առիթով

$
0
0

ԹԱԹՈՒԼ ՕՀԱՆԵԱՆ

Ըստ ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպական կանոնների յօդուած 20-ի, «Ընդհանուր ժողովը ՀՅ Դաշնակցութեան կամքը ներկայացնող գերագոյն ժողովն է, որի որոշումները անառարկելի ու պարտադիր են կուսակցութեան բոլոր ժողովների, բոլոր մարմինների եւ բոլոր ընկերների համար: Ընդհանուր ժողովը գերագոյն պահակն է Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան եւ բարոյական ըմբռնումներին»:

Այս «պարտադիր» բառը որոշ ոչ կուսակցական շրջանակների կողմից անախորժ մեկնաբանութեանց տեղիք են տալիս` կարծելով, որ այդ պարտադրանքը գալիս է կուսակցութեան «վերնախաւից», եւ կամ մի ինչ-որ բռնակալի կամքն է, որ դրւում է կուսակցականների ուսերին: Մինչդեռ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովի այս պարտադրանքը, ինչպէս որ միշտ էլ ասուել է, գալիս է «վար»-ից դէպի «վեր», եւ ոչ թէ` «վեր»-ից դէպի «վար», այսինքն Ընդհանուր ժողովը նախ լսում է շրջանների ընկերների ու մարմինների տեսակէտները եւ ի մտի ունենալով ամէնքի կարծիքները, պահանջներն ու դիտողութիւնները, ապա երկար մտքերի փոխանակումներից յետոյ կայացնում է իր որոշում, որը ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ` ժողովի մասնակիցների ներքուստ լիարժէք համոզումների արդիւնք եւ ոչ թէ` նրանց պարտադրուածի հետեւանք:

Ճիշդ այնպէս, ինչպէս մեր հայրենի բնութեանը պատկանող 28 գետեր ու գետակներ լափին տալով իրենց ջրերը լցնում են Սեւանայ լիճը, որտեղ այդ ջրերի խառնուրդից առաջանում է Հրազդան գետը, որը որպէս կենսատու աղբիւր` իր ոռոգմամբ կեանք է պարգեւում Հայաստանին, այնպէս էլ աշխարհի զանազան վայրերում գտնուած ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերն Ընդհանուր ժողովի օրակարգը ստանալուց յետոյ իրենց քննարկումների բանաձեւերը ուղարկում են Ընդհանուր ժողով, որտեղ խառնուելով միմեանց հետ` նոր ծիլ են արձակում եւ վերջնական կերպարանք ստանալով` դառնում են դաշնակցական միտք ու կամք եւ որպէս կենսատու գետ` յորդում են դէպի շրջաններ եւ հիմք ծառայում իրենց գալիք գործունէութիւնների համար:

Ըստ Դաշնակցութեան աստիճանական կարգի սկզբունքների, բոլոր ընկերներն ու մարմինները պատասխանատու են իրենց գերադաս մարմիններին ու ժողովներին, սակայն Ընդհանուր ժողովը պատասխանատու չէ ոչ ոքի առջեւ, որովհետեւ ինքն է միակ հեղինակութիւնն ու իշխանութիւնը եւ իր կայացրած որոշումների ու վճիռների համար պատասխանատու է միայն հայոց պատմութեան առջեւ, իսկ շրջաններից ընտրուած ժողովին մասնակցող պատգամաւորները ժողովի ընթացքում ազատ ու անկաշկանդ են որեւէ կանոնագրային սահմանափակումից, եւ ոչ ոք չի կարող նրանց մտքի ու խղճի ազատութեան վրայ արգելք դնել եւ քուէի վրայ ազդեցութիւն բանեցնել:

Դաշնակցական բոլոր ժողովները, մարմիններն ու ընկերները պարտաւոր են քայլել այն ուղղութեամբ միայն, որ ճշդել ու սահմանել է Ընդհանուր ժողովը, իսկ ինքը` Ընդհանուր ժողովն, իր ընթացքը որոշում է առանց որեւէ պարտաւորութեան եւ ազատ ու անկախ կերպով:

Ահա այսպիսի ազատ ու անկաշկանդ պայմաններում է, որ ՀՅԴ-ի Ընդհանուր ժողովը իր «դաշնակցական» որոշումներն է կայացնում ի խնդիր հայ ժողովրդի բարօրութեան, ազատութեան եւ իր դարերի իղձերի իրականացման եւ վերջում որոշումների գործադրման համար ընտրում է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրօ:

Համաձայն ՀՅ Դաշնակցութեան ապակենտրոն սկզբունքների, ընդհանրական բնոյթ կրող քաղաքական որոշումների իրագործողը ՀՅ  Դաշնակցութեան Բիւրոն է, իսկ Հայաստանին եւ շրջաններին վերաբերող որոշումների իրագործողներն են Հայաստանի եւ շրջանների պատասխանատու մարմինները` Բիւրոյի հետ համախորհուրդ:

Նոր Ջուղա
8-1-2019

Ակնարկ. Իշխանութիւնը Պէտք Է Ուսին Ետին Զգայ Առողջ Քննադատողին Աչքերը

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստանի քաղաքական ու յարակից կեանքերը 2018-ի ապրիլէն ի վեր նորանոր զարգացումներու տանող շոգեկառքը 14 յունուարին պիտի անցնի նորագոյն կայարանէ մը, երբ անցեալ դեկտեմբերին ընտրուած խորհրդարանը բանայ իր առաջին նստաշրջանը:

Ինչպէս «թաւշեայ յեղափոխութեան» նախընթաց փուլերուն, այսօր ալ 14 յունուարով բացուող փուլին կապուած են նոր յոյսեր, ակնկալութիւններ, սակայն նաեւ կան մտավախութիւններ. մամուլը ողողուած է օր աւուր «դէպքերու» շուրջ լուրերով եւ աւելի հեռահաս մեկնաբանութիւններով: Օրինակի համար, լուսարձակներ կեդրոնացած են խորհրդարանէն հրաժարողներու, խորհրդարանի անդամներուն մէջ կիներու թիւին յաւելման, մեծ թիւով երիտասարդներու խորհրդարան մուտքին, փորձառու-անփորձ երեսփոխաններու, անուն ու վաստակ կերտածներու տեղ անծանօթ մասնագէտներու Ազգային ժողով մուտքին եւ նմանօրինակ բազմագոյն երեւոյթներու վրայ. իւրաքանչիւրը արդարօրէն արժանի է ուշադրութեան, գնահատումի, վերլուծումի:

Ինչպէս ապրիլի շարժումէն ի վեր, նոր խորհրդարանի պաշտօնավարութեան սկզբնաւորութեան նախօրեակին ալ, Հայաստանի ու անոր զարգացումներուն ակնդէտ հետեւող հայկական աշխարհին մէջ ստեղծուած են երկու գլխաւոր ալիքներ, որոնք անպայման պէտք չէ դիտել իբրեւ ներհակ ու զիրար չէզոքացնող, սակայն անոնց միջեւ տարբերութիւնը ակներեւ է: Առաջինը լաւատեսութեան եւ յոյսի մակընթացութիւնն է, իսկ երկրորդը` վերապահութեան ու թերահաւատութեան ալիքը:

Առաջին ալիքը` յոյսի ու լաւատեսութեան մթնոլորտը, ունի իր հիմնաւորումները: Նորութիւն արձանագրած պիտի չըլլանք, եթէ անգամ մը եւս հաստատենք, որ այս ալիքը կը մեկնի շարք մը շօշափելի իրականութիւններէ, ինչպէս` փտածութեան եւ մենաշնորհներու, չարաշահութեանց եւ պաշտօնի շահագործման դէմ բացուած պայքարի ճամբուն մէջ արձանագրուած յաջողութիւններէն: «Թաւշեայ յեղափոխութեան» շահած ժողովրդականութիւնը մեծ մասամբ արդիւնք էր այն ատելութեան, որ նախկին իշխանութիւնը ստեղծած էր իր ծանօթ արարքներով, հետեւաբար, զանոնք հեռացնելու համար պայքար բացողը բնականաբար պիտի գտնէր լայն համակրանք, որ իրեն ապահովեց նոր խորհրդարանի աթոռներուն` իր նախատեսածէն շատ աւելի մեծ մասը: Յետոյ, նոր իշխանութեան կողմէ կը բերուին բազմաթիւ խոստումներ, որոնք օրէնքի ու ժողովրդավարութեան ամրակայման, ապրուստի եւ ընկերային վիճակի բարելաւման, Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհին միջեւ յարաբերութիւններուն նոր մղում տալու եւ տնտեսական վիճակի բարեշրջման (նաեւ` աւելի տարածուն) հորիզոններ կը բանան: Հայաստանի մասին արտաքին աշխարհի գնահատականները, թէ` անարիւն յեղափոխութեամբ դէպի աւելի լաւ ապագայ գացող երկիր մը կայ Կովկասի շրջանին մէջ, անիկա սկսած է աւելի մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ ներգրաւել, նաեւ ներդրումներու դիմաց դուռեր կրնայ բանալ. տակաւին, գիտական նորութիւնները մեր հայրենիքը կը դնեն ժամանակակից աշխարհին հետ քայլ պահելու վազքի մը մէջ, բնականաբար կը նպաստեն յուսատու ապագայի մը մասին յոյսերու ալիքին բարձրացման: Վստահաբար կարելի չէ գտնել ոեւէ իրա՛ւ հայ, որ տխրի նման վիճակներով ու խոստումներով, եւ նոյն վստահութեամբ կարելի է ձայնակցիլ բոլոր անոնց, որոնք գրաւ կը դնեն այս երթին յաջողութեան վրայ, կ՛ըսեն, որ երիտասարդ, թէեւ` անփորձ, իշխանութիւնը ժամանակի կը կարօտի իր խոստումները իրականացնելու, զանոնք շօշափելի ծրագիրներով մարմնաւորելու համար, որպէսզի Հայաստան իսկապէս մտնէ «աւետեաց երկիր»-ի հունին մէջ: Իշխանութեան համակիրները պատրաստ են հանդուրժողութեամբ դիտելու կարգ մը սխալներ, խոտորումներ` մտածելով, որ` «աճող մանուկը իյնալ-ելլելով քալել կը սորվի», հոգ չէ, թէ երկիր ղեկավարելու համար նման տրամաբանութիւն կրնայ շատ ալ օգտակար չըլլալ (ի վերջոյ, արցախեան շարժումէն ասդին արդէն կերտուած է աւելի քան երեք տասնամեակի փորձառութիւն):

Դրական երեւոյթներու շարքը կարելի է երկարել` ցոյց տալու համար, թէ խանդավառութիւնն ու զգացականութիւնը ինչպիսի՛ աղբիւրներէ կը բխին, սակայն մեր նպատակը բարեշրջման երեւոյթներուն ցանկագրումը չէ, այլ` պարզապէս մատնացոյց ընել Հայաստանին ու ողջ հայութեան տրամադրութիւններուն տիրապետող ալիքները:

Երկրորդ ալիքը վերապահութեան ու կասկածոտ վերաբերումի մօտեցումն է, որ իր կարգին կը մեկնի շօշափելի իրականութիւններէ: Այս գիծին վրայ ալ նպատակ չունինք ցանկագրելու արտայայտուող բոլոր կարծիքներն ու մտավախութիւնները, այլ կը բաւականանանք մէկ քանի նշումով:

Կարելի է սկսիլ նոյնինքն խորհրդարանական ընտրութեանց արդիւնքով ստեղծուած պատկերէն: Նախորդ խորհրդարանին մէջ կային քաղաքական չորս ուժեր, որոնցմէ երկուքը այսօր տեղ չեն գտած նորին մէջ. նման վիճակ ի՞նչ եւ որքա՞ն արդարացում ունի` այլ հարց: Խորհրդարան մտած են միայն երեք կուսակցութիւն-միաւոր, մինչդեռ ժողովրդավարութեան ամրակայում` պիտի նշանակէր աւելի մեծ թիւով ուժերու (հետեւաբար նաեւ մտածողութեանց) ներկայութիւնը ժողովուրդը ներկայացնող օրէնսդիր իշխանութեան մէջ: Խորհրդարան մուտք գործողները այսօր աւելի՛ «միագոյն» պատկեր մը կը ներկայացնեն, քան ինչ որ էր նախորդ խորհրդարանը. նորին մէջ պիտի չըլլայ իսկական ընդդիմադրութիւն, այն առումով, որ վարչապետութեան թեկնածու Նիկոլ Փաշինեանի Քաղաքացիական պայմանագրութիւն կուսակցութիւնը թէ՛ նախորդ խորհրդարանին եւ թէ՛ «թաւշեայ յեղափոխութեան» իրերայաջորդ փուլերուն, սերտ գործակից ունէր Էդմոն Մարուքեանն ու կուսակիցները, ու թէեւ վերջին ամիսներուն, յատկապէս` ընտրութեանց հանգրուանին, որոշ տարակարծութիւններ ծագեցան նախկին դաշնակիցներուն միջեւ, սակայն այդ տարբերութիւնները հազիւ թէ բաւարար ենթահող ծառայեն իսկական ընդդիմութեան մը ձեւաւորման: Իսկ Գագիկ Ծառուկեանին Բարգաւաճ Հայաստանը, որ յաջողութեամբ «շոգեկառք փոխեց» նախորդ իշխանութենէն դէպի նորը, ո՛չ անցեալին, ո՛չ ալ ներկայիս ի յայտ բերած է իսկական ընդդիմադիրի դեր ստանձնելու ատակութիւն. կարելի չէ անտեսել այս կուսակցութեան դրական որոշ գործերը` ի խնդիր երկրի ու ժողովուրդի որոշ մէկ խաւին օգտակար հանդիսանալուն մէջ, սակայն ընտրապայքարի օրերուն պերճախօս էր Մարուքեանի քննադատութեանց դէմ Ծառուկեանին պատասխանը. ան ամենայն անկեղծութեամբ հաստատեց, որ զինք հիմնականօրէն կը շահագրգռէ իր գործարարութիւնը, որովհետեւ ինք ունի նիւթական կարողութիւններ, կրնայ զանոնք հաւաքել ու հեռանալ Հայաստանէն ու շահարկել որեւէ այլ տեղ, մինչդեռ կը նախընտրէ օգտակար ըլլալ Հայաստանին: (Արձանագրենք նաեւ, որ նախորդ իշխանութեան օրերուն ամէն բան սեւ չէր Հայաստանի ու Արցախի մէջ` հակառակ բոլոր ծանօթ բացասական իրականութիւններուն):

Յետխորհրդային Հայաստանը 90-ական տարիներուն ինկաւ միակուսակցական ծայրայեղութենէ բազմակուսակցականութեան այլ «ցամաքամաս» մը. բարի նպատակներով ծնունդ առին խմբաւորումներ, որոնք կոչուեցան կուսակցութիւն, դարձան կամ յաւակնեցան դառնալ քաղաքական ուժ. կուսակցութեանց թիւը հասաւ բազմատասնեակներու: Մինչեւ այսօր ալ փոքր է թիւը ի՛սկապէս կուսակցութիւն կոչուելու արժանի միաւորներու, որովհետեւ անդամներու եւ համակիր-հետեւորդներու թիւէն աւելի` կուսակցութեան մը համար հիմնական ենթահող է գաղափարականը, անոնց վրայ ծրագիրներու մշակումն ու այդ ծրագիրներուն եւ ո՛չ թէ անհատներու միջեւ մրցակցութիւնը, որքան ալ որ հմայող ըլլան (կամ չըլլան) անոնց ղեկավարներն ու առաջնորդող դէմքերը (այլապէս, Հենրիկ Մխիթարեան մը կրնար մեծ կուսակցութեան մը պետը ըլլալ…): Այլ խօսքով, որոշ հիմնաւորում կը գտնէ այն մտավախութիւնը, որ Հայաստան նոր խորհրդարանի «դարաշրջան»-ին հետ կը վերադառնայ որոշակիօրէն միակուսակցական դրութեան մը, ուր մեծագոյն բացական ընկերային-տնտեսական ծրագիրներն ու անոնց լուծման նպաստող ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ենթահողն են: Մինչդեռ ժողովրդավարութեան վիճակի բարելաւում` պիտի նշանակէր ո՛չ միայն աւելի բազմերանգ խորհրդարանի մը կազմութիւնը, այլ` խորհրդարանական ու արտախորհրդարանական կուսակցութեանց, քաղաքական խմբաւորումներուն գաղափարական հիմքերու ապահովումն ու զարգացումը, ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ հայեցակէտերու միջեւ հակամարտութենէ սպասուող բարելաւումներ, ինչպէս որ տեղի կ՛ունենան ժողովրդավարութեան ճամբուն վրայ երկար ճամբայ կտրած երկիրներու մէջ (առաւելաբար` Եւրոպայի մէջ. Միացեալ Նահանգները դադրած են տիպար օրինակ ծառայելէ, բազմաթիւ պատճառներով…):

Այս պատկերին մէջ քաղաքական ընդդիմադրութեան համար կը մնայ արտախորհրդարանական բեմը: Սակայն հոս ալ կայ կարեւոր նախադրեալ մը` շինիչ ու բարելաւման մղող քննարկումի ու քննադատութեան հրամայականը. մինչդեռ ընդդիմադրութիւնը ցարդ առաւելաբար տարուած է խորհրդարանական ընտրութեանց նախօրեակին ու անոր հետեւող շաբաթներու տրամադրութիւններով, հոգ չէ, թէ ունի իր կեցուածքները հիմնաւորող տուեալներ: Քննարկումներն ու քննադատութիւնները մեծ մասամբ կը պահուին տեսակ մը «քինախնդրութեան» ոլորտին մէջ: Նախկին իշխանութեան կարգ մը դէմքերն ու անոնց հետեւող մամուլը, օրինակի համար, որոշ պրիսմակէ մը կը դիտեն-կը ներկայացնեն Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու եւ գործակցութեան հաւանականութիւններու գիծը,  ահազանգ կը հնչեցնեն Ազրպէյճանի զինուորական գերակայութեան ու անկէ բխող մտավախութիւններուն մասին` տողատակի ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, որ ազերիական նոր թշնամանք մը անխուսափելի է, մեծապէս պիտի վնասէ Հայաստանին, իսկ նոր վարչախումբը անտարբեր կը կանգնի նման սպառնալիքի դիմաց. մինչեւ իսկ կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը (չմեղանչենք Արարատին), որ կարգ մը ուժեր գոհունակ պիտի զգային, եթէ նոր իշխանութեան օրով Ազրպէյճան հարուած մը հասցնէր Հայաստանին ու Արցախին…

Մտավախութիւններուն համար ցոյց կը տրուին նաեւ այլ յենակներ: Օրինակ, Հայաստան կը շարունակէ մնալ մանր ցոյցերով հաշիւներ-հարցեր դասաւորել նախընտրող երկիր. գիւղապետի մը կամ մարզպետի մը դէմ դժգոհութիւնները արտայայտութիւն կը գտնեն ցուցական արարքներով, մինչեւ իսկ դպրոցի մը տնօրէնին պաշտօնազրկման-պաշտօնի վրայ պահուելուն համար կը դիմուի վարչապետին միջամտութեան, ու ան կ՛ընդառաջէ նման հրաւէրներու: Իսկական դժգոհութեան շարժառիթներ նոյնքան չեն «խանդավառեր» ցուցարարները: Նման նախանձախնդրութիւն` անձնապէս հարցերու լուծում բերելու տենդ, բնականաբար ողջունելի է, սակայն նաեւ կ՛արժէ մտածել, թէ արդեօք նախարարներ կամ պետական այլ պաշտօնատարներ ինչո՞ւ պաշտօնի կոչուած են, եթէ ամէնէն մեծ ու ամէնէն երկրորդական դասուած հարցերուն լուծման համար պիտի դիմուի վարչապետին կարգադրութեանց:

Մտավախութիւններուն ու վերապահութիւններուն յենակ ծառայող այլ տուեալներ կը ստեղծուին աւելի յաճախակիօրէն: Ամանորի նախօրեակին ու անկէ ասդին` սկսած է գլուխ ցցել ապրուստի սղութիւնը. կան սպառողական նիւթերու, ներառեալ բնական կազի սակագիներու բարձրացման, որոշ տուրքերու յաւելման եւ աշխատանքի որոշ կալուածներու (օրինակի համար` փոխադրամիջոցներու) մասին նոր տնօրինումները: Իշխանութեան մօտիկ կանգնող լրատու աղբիւրներ իսկ սկսած են աւելի յաճախ խօսիլ դժգոհութեան նոր խմորումներու եւ բողոքի դրսեւորումներու հաւանականութեանց մասին, որովհետեւ որդեգրուած կարգ մը քայլեր կը սպառնան աւելցնել գործազուրկներու թիւը (օրինակ` ճաշարաններու կալուածին մէջ): Վարչապետին ու գործակիցներուն բացատրականները սկսած են նուազ համոզիչ թուիլ: Երբ ապրուստի հարցեր կը բերուին առաջին գիծի վրայ, ձեւով մը կը լուսանցքայնացուին… Արցախի եւ ընդհանրապէս Հայաստանի ապահովութեան, արտաքին յարաբերութեանց մէջ նոր նուաճումներու առաջադրանքները, ալ ո՜ւր մնաց սփիւռքի ու մշակոյթի նախարարութեանց վերաձեւաւորման որոշումէն բխող մտահոգութիւնները:

Եթէ 14 յունուարը պիտի ըլլայ ապրիլէն ասդին տեղի ունեցող զարգացումներու ճամբուն նոր փուլի մը մեկնարկը, մտավախութեանց չէզոքացման եւ լաւատեսութեան, յոյսի ալիքներուն անվերադարձ բարձրացման համար, անհրաժեշտ են վիհերուն դարմանումը, ապահովութեան թէ տնտեսական-ընկերային, քաղաքական ու դիւանագիտական կալուածներու մէջ դրապաշտ գործակցութեան ու մրցակցութեան ձեւաւորումը` այն տրամաբանութեամբ, որ Հայաստան ու Արցախ կը կարօտին հայրենի հողերուն վրայ ապրողներուն ու աշխարհատարած հայութեան բոլոր կարելիութիւններուն մէկտեղման, բոլոր ձեռքերու միացման, եւ սա անբովանդակ նշանախօսք չէ: Նոր հորիզոնին յստակացման մէջ շատ կարեւոր դեր պիտի ունենայ, պէ՛տք է ունենայ ընդդիմութիւնը, որպէսզի չարդարանան միակուսակցականութեան «վարկած»-ը յառաջ քշողները, աւելի՛ն, իշխանութիւնը իր բոլոր ոլորտներուն մէջ պէտք է զգայ, թէ ուսին ետին կան իր գործերուն արդարօրէ՛ն հետեւող, իր սխալները ճշմարտացիօրէ՛ն քննադատող եւ բարեփոխում պահանջող գլուխներ, որոնց աչքերը ակնդէտ կը հետեւին իր իւրաքանչիւր քայլին, պատրաստ են ծափահարելու դրական քայլերը, բայց նաեւ` արդար քննարկումի ու քննադատութեան ենթարկելու կամայականութիւններն ու սխալները: Այլ խօսքով, ընդդիմադիր ճակատը, խորհրդարանին մէջ թէ դուրսը, պարտի լիարժէքօրէն վերականգնել արդար ու տեղին քննադատութիւնը, իշխանութեան հետ ապրիլ յաջողութիւններու բերկրանքը, զայն զգուշացնել խոտորումներէ: Բնականաբար մամուլէն ալ կը սպասուի աժան «սրամտութիւններու» վարքագիծէն հրաժարում եւ առողջ քննարկումներու բեմ դառնալ, դուրս գալ իշխանութեան որեւէ քայլը ծափահարողի կամ քննադատողի խրամատներէն:

… Մեր մանկութեան օրերուն երէց հարազատէ մը լսած ենք հետեւեալ մանրավէպը: Իմաստուն մարդ մը ամէն օր աղբիւր կը ղրկէր իր դեռատի զաւակը, որպէսզի կուժով ջուր բերէ: Տղան ճամբայ դնելէ առաջ հայրը աղուոր ապտակ մը կու տար զաւկին` զգուշացնելով, որ կուժը չկոտրէ: Դրացիները մեղքնալով մանուկին` փորձած են միջամտել ու պահանջած են հօրմէն, որ ա՛լ չապտակէ տղեկը: Հայրը տեղի տուած է եւ յաջորդ օրը առանց ապտակելու աղբիւր ղրկած է տղեկը: Վերադարձին մանչուկը անուշադիր գտնուած է ու կոտրած է կուժը: Դրացիները իմանալով պատահածը` մտավախութիւն յայտնած են, թէ արդեօք դաժան հայրը որքա՞ն պիտի ծեծէ անուշադիր տղան: Հայրը ձեռք չէ բարձրացուցած եւ դրացիներուն բացատրած է. «Կուժը կոտրուելէն ետք ապտակը ի՞նչ իմաստ ունի. կ՛ապտակէի, որպէսզի ուշադիր ըլլար եւ ջուր բերէր…»:

Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, վստահաբար ոչ ոք նպատակ ունի ֆիզիքապէս ապտակելու ջուրի գացողները, սակայն 14 յունուարի նախօրեակին մանրավէպը մտածելու առիթ կու տայ:

6-8 յունուար 2019

2019. Ամբողջ Հայ Երիտասարդութիւնը Հիմն Է Ուժեղ Լիբանանահայութեան Վերաթարմացումին (Բ.)

$
0
0

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Երբ կը խօսինք ուժեղ լիբանանահայութեան վերաթարմացման մասին, տրամաբանականօրէն եւ բնականաբար առաջնահերթութեամբ կը կարեւորենք հայ երիտասարդ զանգուած մը:

Կեանքի, բնութեան օրէնքով, այս զանգուածն է, որ գիտութեան եւ նորարար սկզբունքներու զրահումով, նաեւ նախաձեռնելու, աշխատելու, ստեղծագործելու, սրբագրելու եւ նոր աւիւն տալու յատկանիշներով պէտք է ըլլայ տիրական ներկայութիւն եւ պարտադրէ սերնդափոխութիւն, քարացած մտքերու եւ գործելաձեւերու փոփոխութիւն, եւ յառաջացնէ գնահատելի կատարուածէն աւելի լաւ, աւելի ուժեղ եւ աւելի ստեղծագործ իրագործումներ:

Այս ակնկալութիւնը մեր երիտասարդութենէն, լիբանանեան մեր իրականութեան չի պատկանիր միայն, այլ նաեւ համայն հայութեան խնդիրն է անտարակոյս:

Ու բնական է նաեւ, որ չի պատկանիր եւ չ՛իրականանար կուսակցութեան մը, միութեան մը, կազմակերպութեան մը կողմէ միայն, այլեւ ամբողջ լիբանանահայութեան կեանքին մէջ գործող դերակատարութիւն վերցուցած զանազան ոլորտներու մէջ գործող իւրաքանչիւր միաւորի:

Երիտասարդութիւն հասկացողութիւնը տարիքային իր սահմաններէն անդին հոգեվիճակի, մտածողութեան, փոփոխութիւն կատարելու ընդունակութեան, պատրաստակամութեան եւ կարողութեան ու համոզումի հասկացողութիւն է, որուն հիմնական առանցքը կը կազմեն ծանօթութիւնն ու գիտութիւնը եւ մանաւանդ` յանձնառութիւնը:

Կը խօսինք Լիբանանի հայ երիտասարդութեան մասին, իգական թէ արական, ուսանող թէ բանուոր, բարձրագոյն կրթութիւնը աւարտած ու կեանքի ասպարէզ նետուած, զանազան պաշտօններու տէր, պատասխանատու դիրքեր գրաւած, ամուրի կամ ընտանիք կազմած, իրենց քոյրերուն, եղբայրներուն կամ զաւակներուն օրինակ դարձող, միութենական կամ ոչ միութենական, ազգային-հասարակական կեանքով հետաքրքրուող, կրաւորական, անտարբեր կամ անհոգ, հայախօս եւ օտարախօս, հայութեան մօտ կամ հայկական շրջանակներէ հեռու մնացող, խառն ամուսնութիւն կնքած եւ հայկական կամ ոչ հայկական վարժարան յաճախած երիտասարդներու մասին:

Այլ խօսքով` Լիբանանի հայութեան ուժեղացման մէջ երիտասարդ իւրաքանչիւր տարրի մասնակցութեան, բաժնեկցութեան եւ աշխատանքային դերակատարութեան մասին:

Անպատասխանատու կեցուածք է միայն դժգոհիլ: Անպատասխանատու կեցուածք է միայն նեղ շրջանակներու մէջ տեսնել աշխատանքի ծաւալում: Նոյնքան եւ աւելի անպատասխանատու կեցուածք է աշխատանքները կեդրոնացնել փոքր խմբակներու մէջ եւ սահմանափակուիլ միայն «իւրայիններով»:

Կարելի է դժգոհիլ, բայց կարելի չէ չմտահոգուիլ:

Կարելի է ժխտական տեսնել շրջապատը, բայց կարելի չէ չփորձել բարելաւել իրականութիւնը:

Կարելի է յուսախաբ ըլլալ, բայց ընդունելի չէ յուսահատիլ:

Կարելի է լոզունգներ արձանագրել, բայց կարելի չէ լոզունգներով բաւարարուիլ, միայն կարծիքներ հրապարակ նետել ու գործնական ծրագրումներ եւ ճիգ չթափել:

Դժուարութիւններու մէջ գտնուող լիբանանահայութիւնը կը գոյատեւէ եւ աւելիով կ՛ուժեղանայ, երբ կ՛ընդլայնի աշխատողներու շրջանակը, կը տարբերին մտածողութիւնները, կարծիքներու եւ տեսակէտներու բախումէն կը ծնին շինիչ նորութիւնները, մեր շուրջը եղող արագասոյր փոփոխութիւններուն հետ քայլ պահելու հարկադրանքն ու այդ փոփոխութեանց արդիւնքներն ու ազդեցութիւնները հայացնելու, ազգայնացնելու ծրագրումն ու գործնականացումը կ՛ըլլայ:

Անհրաժեշտ է հաւաքել բոլորը: Չբաւարարուիլ միայն եկեղեցւոյ կապուած, կուսակցական կամ միութենական երիտասարդներով: Անոնք կան, կը գործեն, կ՛արդիւնաւորեն, դերակատար են:

Բայց կան նաեւ ուրիշներ, մեզմէ հեռու, տեղ մը, կամ ոչ մէկ տեղ, հայ են ու կ՛ուզեն հայ մնալ, կրնան ճանաչումի պակասի հետեւանքով, սրտնեղութեան կամ պարզ յուսախաբութեան պատճառով հեռացած ըլլալ: Կրնան կեանքի պայմաններու կամ բնակութեան վայրի անյարմարութեամբ մեր մօտ չըլլալ:

Բայց բոլորն ալ հայ են, Հայ երիտասարդներ են:

Պէտք է գան մեր մօտ:

Պէտք է բերել զանոնք մեր մօտ: Խօսիլ, հասկնալ, առիթ տալ արտայայտուելու, լսել զիրենք, ճանչցնել մեր իրականութիւնը, գնահատել ճիշդը, հասկացողութիւն ցուցաբերել սխալին նկատմամբ, բացատրելով սրբագրել խուսանաւումները:

Բայց ի գին ամէն բանի հասնիլ բոլորին:

Առանց երիտասարդութեան կարելի չէ խօսիլ ուժեղ լիբանանահայութեան վերաթարմացման մասին:

Ու այս մէկը բոլորիս պարտականութիւնն է:

 

 


Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի (Յովհաննու Կարապետ) Խրոխտ Նկարագիրն Ու Սրբակենցաղ Կեանքը Ներշնչման Աղբիւր` Քրիստոնեայ Աշխարհին

$
0
0

Պատրաստեց ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

Քրիստոնեայ աշխարհին այս մեծագոյն հերոսը` Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ (Յովհաննու Կարապետ) դարեր շարունակ ոգեշնչած է արուեստագէտներ, գրողներ, հաւատացեալներ: Ան, ըստ Նոր կտակարանին կը նկատուէր ամենամեծը կիներու ծնածներէն եւ երկրորդ Եղիա մարգարէն: Իսկ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ան արժանացած է մեծ յարգանքի եւ տօնակատարութեան, կառուցուած են տաճարներ եւ խորաններ` պանծացնելու համար մեծ սուրբին յիշատակը:

Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի Ծնունդն Ու Մանկութիւնը

Յովհաննէս Մկրտիչ որդին էր արդար կեանք ապրող Զաքարիա քահանային եւ Եղիսաբէթին: Անոնք ամուլ էին եւ երկար տարիներ զաւակ չէին ունեցած: Յովհաննէսի ծննդեան լուրը Զաքարիան ստացաւ Աստուծմէ` Գաբրիէլ հրեշտակին միջոցով, տաճարին մէջ ծիսական խնկարկութիւն կատարելու ժամանակ: Գաբրիէլ հրեշտակին խօսքերը, թէ` մանուկը մեծ ուրախութիւն պիտի ըլլայ շատերուն համար եւ Ս. Հոգիով լեցուած` մարդիկը պիտի պատրաստէ երկար սպասուած Մեսիային գալուստին, կասկածներ ստեղծեցին Զաքարիայի մէջ, որուն համար հրեշտակապետը համրութեամբ պատժեց Զաքարիան` մինչեւ Յովհաննէսին ծնիլը: Յովհաննէսի Աստուծոյ ընտրեալ ըլլալու հանգամանքը առաջին անգամ կ՛երեւի Եղիսաբէթին որովայնին մէջ մանուկը գտնուած ժամանակ, երբ Եղիսաբէթ Ս. Կոյս Մարիամին հանդիպեցաւ, որ յղի էր Յիսուսին, այդ ատեն իր որովայինին մէջ երեխան շարժեցաւ (Ղուկաս 1:45): Յովհաննէսի ծնունդէն ետք Զաքարիային լեզուն բացուեցաւ եւ սկսաւ օրհնաբանել զԱստուած: Մանուկը, համաձայն Գաբրիէլ հրեշտակի հրամանին, անուանեցին Յովհաննէս, որ կը նշանակէ` աստուածաշնորհ, Աստուծոյ ողորմութիւն: Աւետարանին մէջ վերջին տուեալը Յովհաննէսի մասին այն էր, որ ան կը բնակէր անապատին մէջ, մինչեւ այն օրը, երբ երեւցաւ Իսրայէլի մէջ:

Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի Քարոզութիւնը

Նոր մարգարէն ասպարէզ ելաւ, երբ արդէն երեսուն տարեկան էր: Հրէական միջավայրին մէջ Յովհաննէս Մկրտիչին յայտնուիլը մեծ կարեւորութիւն ունէր` նկատի ունենալով, որ չորս հարիւր տարի Հրէաստանի մէջ մարգարէ չէր յայտնուած եւ Ղուկաս Աւետարանիչ պատմական վեց հանգամանքներով այս փաստին մասին կ՛արձագանգէ: Յովհաննէս Մկրտիչի յայտնուելուն մասին հիմնաւորած են նաեւ Հին կտակարանի մարգարէութիւնները: Եսայի մարգարէն այսպէս կը վկայէ Յովհաննէս Մկրտիչի մասին. «Ահաւասիկ քու առջեւէդ կը ղրկեմ իմ պատգամաբերս, որ քեզի համար ճամբայ պատրաստէ»: Իսկ Յովհաննէս Աւետարանիչ կը նշէ. «Յովհաննէս, որ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած մարդ մըն էր, եկաւ լոյսին համար վկայութիւն տալու, որպէսզի ամէն մարդ անոր միջոցով հաւատայ: Ինք Լոյսը չէր, այլ` Լոյսին համար վկայ մը» (Յովհաննէս 1:6-8): Լոյսին` Քրիստոսի նախորդելու այս հանգամանքը պատճառ կը դառնայ, որ Յովհաննէսին տրուի նաեւ Յովհաննու Կարապետ (նախակարապետ) անուանումը, որ կը նշանակէ առաջնորդ:

Յովհաննէսի քարոզչութեան նպատակն էր ապաշխարութեան մղել մեղաւոր ժողովուրդը մկրտութեան ճամբով եւ պատրաստել Իսրայէլի Մեսիայի գալուստին: Ապաշխարութիւն ըսելով` Յովհաննէս նկատի ունէր հրաժարիլ նախկին սխալ կեանքէն եւ դառնալ դէպի Աստուած, որովհետեւ հրեաները իրենք զիրենք ընտրեալ եւ փրկուած ժողովուրդ կը նկատէին: Մկրտութեան ժամանակ ջուրի գործածութիւնը խորհրդաւոր իմաստ ունի. անիկա արտաքինէն ներքին մաքրութեան կը տանի: Յովհաննէս Մկրտիչ նաեւ կը խօսի դատաստանի մասին, թէ` ժամը հասած է խոստովանելու: Հրեաները դիւրին չընկալեցին Յովհաննէսի խօսքերը եւ անոր հարցաքննութեան կանչեցին: Իսկ Յովհաննէս փաստեց, որ ինք կը պատրաստէ Քրիստոսի ճանապարհը:

Յիսուսի Մկրտութիւնը Յովհաննէս Մկրտիչէն

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, Յիսուսի մկրտութիւնը Յովհաննէս Մկրտիչին կողմէ տեղի ունեցած է 6 յունուարին` Ս. Ծնունդէն ճիշդ երեսուն տարի ետք, նոյն օրը: Մկրտութեան մասին ընդարձակ կերպով կը խօսի Մատթէոս Աւետարանիչը. «Այդ օրերուն Յիսուս Գալիլիայէն Յորդանան գետ եկաւ Յովհաննէսի մօտ` անկէ մկրտուելու համար: Բայց Յովհաննէս ընդդիմացաւ անոր` ըսելով. «Ե՛ս պէտք ունիմ քեզմէ մկրտուելու, եւ դո՞ւն ինծի կու գաս»: Յիսուս պատասխանեց.  «Հիմա թո՛յլ տուր, որ այսպէս ըլլայ, որովհետեւ այսպիսով կատարած պիտի ըլլանք Աստուծոյ արդար կամքը»: Եւ Յովհաննէս թոյլ տուաւ: Յիսուս մկրտուելէ ետք անմիջապէս ջուրէն դուրս ելաւ: Եւ ահա երկինքը բացուեցաւ, եւ տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի նման կ՛իջնէր եւ կու գար իր վրայ: Եւ ահա երկինքէն լսուեցաւ ձայն մը, որ կ՛ըսէր. «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն եւ հաճեցայ»: Համաձայն Յովհաննէս Աւետարանիչի, աղաւնիին երկինքէն իջնելը նշան էր Յովհաննէսի համար, որպէսզի ան գիտնար, որ Յիսուսն է Աստուծոյ որդին:

Յովհաննէս Մկրտիչի Բանտարկութիւնը Եւ Գլխատումը

Քրիստոսի մասին վկայութիւն տալէն ետք Յովհաննէս Մկրտիչը կը գտնենք բանտարկուած վիճակի մէջ, որովհետեւ յանդիմանած էր Հերովդէս չորրորդապետը` իր եղբօր կնոջ հետ ամուսնութեան պատճառով: Հերովդէսի եղբօր աղջիկը երբ իր ծննդեան տարեդարձին իր պարով հրապուրեց ներկաները, Հերովդէս երդում տուաւ կատարել անոր ուզածը: Հերովդէսի կինը առիթը յարմար նկատեց եւ ուզեց Յովհաննէս Մկրտիչին գլուխը սկուտեղի վրայ: Թագաւորը տրտմեցաւ, սակայն չկարենալով խախտել իր խոստումը` դահիճը ղրկեց եւ գլխատել տուաւ Յովհաննէս Մկրտիչը:

Ս. Յովհաննէս Մկրտիչին Նուիրուած Տօները

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին սուրբին յիշատակին սահմանած է չորս տօն`

1.- Տօն ծննդեան Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի, որ կը կատարուի Քրիստոսի ծննդեան ութօրէքի յաջորդ օրը, 14 յունուարին (անշարժ տօն):
2.- Յիշատակութիւն գլխատման Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի, որ կը տօնուի Ս. Զատիկին յաջորդող շաբաթ օրը (շարժական տօն):
3.- Տօն Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի եւ Աթանագինէ եպիսկոպոսի` Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի տօնին հինգշաբթի օրը (շարժական տօն):
4.- Տօն Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի եւ Յոբ արդարի` Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի յաջորդող երրորդ շաբթուան հինգշաբթի օրը (շարժական տօն):

Ս. Յովհաննէս Մկրտիչին Նուիրուած Շարականները

Հայոց եկեղեցին Աստուածածինէն ետք Ս. Յովհաննէսը կը նկատէ մեծագոյն սուրբերէն մէկը: Հայ հոգեւոր երաժշտութեան ամէնէն սիրուած հերոսներէն մէկն է: Ան արժանացած է բազմաթիւ գովեստներու, եւ անոր ձօնուած են բազմաթիւ շարականներ, ինչպէս` «Երկնաքաղաքացի» (Կանոն «Յիշատակ գլխատման Յովհաննու Մկրտչին»), «Հողանիւթ հրեշտակ» (Կանոն ծննդեան Յովհաննու Մկրտչի), «Զմարգարէ բարձրելոյն եւ զթագաւորն զինաւոր» («Կանոն Յովհաննու Մկրտչին»): Շարականները լաւագոյնս կ՛արտացոլացնեն Յովհաննէս Մկրտիչի հաստատակամ եւ մարտնչող նկարագիրը:

Ս. Կարապետի «Մուրազ» Կատարող Ըլլալու Հանգամանքը

Քրիստոնէական այլ եկեղեցիներու հետ բաղդատած` հայոց եկեղեցին եւ հայ ժողովուրդը Ս. Կարապետը ընդունած է իբրեւ տարբեր փափաքներ եւ իղձեր կատարող եւ բժշկող սուրբ: Հին ատեն Մշոյ Ս. Կարապետ վանք անդադար ուխտագնացութիւններ կը կատարուէին, յատկապէս` ամրան, սուրբի տօնին յիշատակութեան ժամանակ: Դարեր շարունակ ուխտագնացութեան հոսքը շարունակուած է, եւ ասոր ապացոյցը կու գայ Ս. Կարապետին նուիրուած երգերէն: Ս. Կարապետին նուիրուած ժողովրդային երգերը 18 հատ են, որոնց մէջ յաճախ կ՛ընդգծուի սուրբին ժողովուրդին կողմէ սիրուած ըլլալու հանգամանքը: Օրինակ` երգերէն մէկուն մէջ այսպէս նկարագրուած է Ս. Կարապետի վանքը.

«Սուրբ Կարապետ խորան խորան,
Մէջը կէրրվի օսկի օրան,
Եօթը գըլուխ սուրբ աւտըրան,
Մուրազս տուր, սուրբ Կարապետ»:

Ուխտը կը հետապնդէր տարբեր նպատակներ, ինչպէս` հիւանդութեան բուժում եւ սուրբին հովանաւորութեան աղերսում: Ամէնէն կարեւորը տարբեր իղձերու կատարումն էր, որուն շնորհիւ ժողովուրդը Ս. Կարապետը անուանած էր «մուրազատուր» կամ «մուրատատուր»: Երգերուն մէջ նշուած է նաեւ, որ սուրբը ոչ մէկը անտեսած է` «ձիաւորին ճուաբ կու տայ, ոտաւորին մուրատ կու տայ»: Ուխտագնացներու ձիաւոր երթալը կը խորհրդանշէ մեծ տարածութիւն կտրելը, իսկ ոտաւորի  երթալը` հետիոտն, բոպիկ զոհաբերութեամբ սուրբին ուխտի երթալը:

Քրիստոնէութեան նախակարապետ Ս. Յովհաննու Կարապետին յիշատակը եւ տօնակատարութիւնը առիթ է քրիստոնեայ հաւատացեալներուն` խոկալու աստուածային ճշմարտութիւններուն եւ կեանքի ընթացքը շարունակելու Քրիստոսի ուսուցումներուն հետեւելով:

 

 

Դաշնակցութիւնը ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովն Է

$
0
0

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Սովորական կամ ընթացիկ հասկացողութեամբ կուսակցական համագումար մը չէ ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովը: Անոր օրակարգը, քննութեան դաշտը եւ որոշումներու բնագաւառները այնքան ընդարձակ են, որքան ընդարձակ են հայրենիքն ու սփիւռքը: Անոնք այնքան տարածուն են, որքան տարածուն են համայն հայութեան պետական եւ գաղութային կառոյցները: Անոնք այնքան համապարփակ են, որքան համապարփակ են մեր հայրենական եւ սփիւռքեան ազգային կեանքի պահանջները:

Այս բոլոր առումներով, ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը ամբողջական Հայաստանին եւ ամբողջական հայութեան առնչուող համընդհանուր օրակարգերը քննող, համընդհանուր լուծումներ որոնող եւ աշխատանքային համընդհանուր ուղեգիծ ճշդող Դաշնակցութեան գերագոյն համագումարն է: Անոր օրակարգի բոլոր կէտերը համարժէք եւ համանշանակ են: Ան չէ ու չէ եղած մասնակի հարցեր քննող եւ մասնակի լուծումներու յանգող դաշնակցական հաւաք, ինչպէս կը փորձեն պատկերացնել որոշ թերամիտ մարդիկ, որոնց մօտ կը պակսի այս դաշնակցական ժողովին էութիւնը խորաչափելու կարողութիւնը:

Իբրեւ կուսակցութիւն` դաշնակցական մարմինները եւ անդամները ունին իրենց կազմակերպական սեփական օրակարգերը եւ աշխատանքները: Անոնք կը մտածեն, կը ծրագրեն ու կը գործեն Դաշնակցութեան գաղափարական կեդրոնացումի եւ կազմակերպական ապակեդրոնացումի երկաթեայ սկզբունքով:

Այդ նպատակին համար Դաշնակցութեան կառոյցներէն ներս խօսքի եւ մտածումի ազատութիւնը հիմնական սկզբունքներ են իւրաքանչիւր դաշնակցականի համար: Դաշնակցութեան գաղափարական կեդրոնացումը ռազմավարական առաջնահերթ ուղեցոյցն է իւրաքանչիւր շարքայինի եւ դաշնակցական մարմինի համար, իսկ կազմակերպական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը կ՛ապահովէ որոշումներու գործադրութեան մարտավարական թոյլտուութիւնը բոլոր միաւորներու համար: Ուստի, իր ղեկավարման մէջ Դաշնակցութիւնը մենատիրութեան ձգտումներ չի թոյլատրեր` շնորհիւ իր դաւանած գաղափարական հիմունքներուն եւ իր կիրարկած կանոնագրային ժողովրդավար ենթահողին: Դաշնակցական մարմինները գործադիրներն են որդեգրուած որոշումներուն եւ ուղղութեանց, սակայն անոնք ստորադաս եւ համարատու են զիրենք ընտրող ժողովներուն: Իսկ դաշնակցական ժողովները դարբնոցն են դաշնակցականներու կամքին ու վճիռին, որոնց պէտք է ենթարկուին դաշնակցական շարքայինն ու մարմինը:

Անշուշտ այս բոլորը կը պարզեն Դաշնակցութիւն կուսակցութեան հանգամանքը: Սակայն անոնք Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը չեն: Եւ «ո՞րն է Դաշնակցութիւնը», ինչպէս կը հարցադրէ Նիկոլ Աղբալեան եւ կու տայ անոր պատասխանն ու բացատրութիւնը.-

«… բայց ո՞րն է Դաշնակցութիւնը, ոչ թէ կուսակցութիւնը, այլ` Դաշնակցութիւնն իր էութեան մէջ: Բոլոր հին ու նոր ընկերները, բոլոր հին ու նոր մարմիններն իրենց գործերով միասին կազմում են մեր կուսակցութիւնը: … Այստեղ մտնում են թէ՛ մեր Ծրագիրը, թէ՛ մեր Կանոնագիրը, թէ՛ մեր որոշումները: Բայց ո՞րն է սրանցից Դաշնակցութիւնը. արդեօք այս կամ այն կեդրոնական կոմիտէն կամ Շրջանային ժողո՞վը: Այս մարմիններն ու ժողովները դաշնակցական գործ են կատարում, բայց զատ զատ կամ միասին առած` Դաշնակցութիւն չեն, թէեւ կուսակցութիւնն են: Դաշնակցութիւնը կուսակցութեան Ընդհանուր ժողովն է» (Նիկոլ Աղբալեան, «Մտածումներ ՀՅ Դաշնակցութեան մասին»):

Հարցադրումը չի վերաբերիր Դաշնակցութեան կուսակցութիւն ըլլալու փաստին ու հանգամանքին, որոնք կը դրսեւորուին` իր Ծրագիրով, Կանոնագիրով, պատմութեամբ, նահատակներով, հերոսներով, իրագործումներով, ձախողութիւններով, որոշումներով եւ մարմիններով: Հարցադրումը կը վերաբերի Դաշնակցութեան էութեան:

Աղբալեանի պատասխանը յստակ է` ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎՆ Է:

ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը Դաշնակցութիւնն է, որովհետեւ հոն կը խտանան, կը բիւրեղանան եւ կը հաստատուին բոլոր դաշնակցականներուն եւ դաշնակցական մարմիններուն միտքերը, որոշումները, վճիռները եւ կամքը:

ա.- Ընդհանուր ժողովի որոշումներն ու վճիռներն են միայն, որոնք կը ճանչցուին իբրեւ դաշնակցական: Անոնք պարտադիր են բոլոր շարքայիններուն, մարմիններուն եւ ժողովներուն: Որեւէ ստորադաս ժողով կամ մարմին կրնայ բիւրաւոր որոշումներ կայացնել, սակայն անոնք դաշնակցական կը ճանչցուին այն չափով, որ չեն հակասեր Ընդհանուր ժողովի որոշումներուն:

բ.- Անհատ կուսակցականները կամ մարմինները կրնան բիւրաւոր գործեր ծրագրել եւ գործադրել, սակայն անոնք դաշնակցական գործ եւ յղացում չեն համարուիր, եթէ կը հակասեն Ընդհանուր ժողովի գծած ուղղութեան, որոշումներուն եւ աւանդութեանց:

գ.- Միայն Ընդհանուր ժողովն է, որ հիմք ունենալով բոլոր դաշնակցականներու առաջադրանքները` կը մշակէ, կը կազմէ ու կը հաստատէ ՀՅԴ Ծրագիրն ու Կանոնագիրը, որոնք պարտադիր կը դառնան բոլոր դաշնակցականներուն, դաշնակցական ժողովներուն եւ մարմիններուն: Որեւէ այլ ժողով, մարմին կամ շրջան չի կրնար իր սեփական ծրագիրն ու կանոնագիրը ունենալ, եթէ անոնք կը հակասեն ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի որդեգրած ծրագրային ու կանոնագրային սկզբունքներուն:

դ.- Ամէն դաշնակցականի, դաշնակցական մարմինի եւ ժողովի ընթացքը պէտք է համընկնի ու համապատասխանէ Ընդհանուր ժողովին ճշդած ուղղութեան: Իսկ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը իր ընթացքը կ՛որոշէ ազատ եւ անկախ: Իր այս որոշումին մէջ «Նա յենւում է իր անդամների իմացական կարողութեան եւ փորձառութեան, լսում է բոլոր շրջանների ու մարմինների կարծիքն ու տրամադրութիւնը, նկատի ունի ամէնքի պահանջն ու դիտողութիւնը, բայց ենթակայ չէ նրանց»: (Աղբալեան, նոյն):

ե.- Բոլոր դաշնակցականները եւ մարմինները պատասխանատու են իրենց գերադաս մարմիններուն եւ ժողովներուն: Սակայն «միմիայն Ընդհանուր ժողովն է, որ պատասխանատու չէ ոչ ոքի առջեւ: Նրա դատաւորը հայոց պատմութիւնն է, մինչդեռ մարմինների եւ ընկերների գերագոյն դատաւորը Ընդհանուր ժողովն է»: (Աղբալեան, նոյն):

Արդ, ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը «բուն իսկ Դաշնակցութիւնն է, նրա միտքն ու կամքը: Նա Դաշնակցութիւնն է իր ներկայ կազմով եւ անցեալ պատմութեամբ»: Այս գերագոյն ժողովին ներկայ են ոչ միայն բոլոր դաշնակցականները, այլեւ հոն կը շնչեն Դաշնակցութեան «հազարաւոր հերոսների եւ նահատակների յիշատակը»: (Աղբալեան, նոյն):

Երբ աւարտած է Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը, անոր վճիռները վերջնական են ու անառարկելի` հետեւող քառամեակին համար, այսինքն` մինչեւ յաջորդ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը: Անոր աւարտին կը դադրին «բոլոր ինքնասիրութիւններն ու յաւակնութիւնները»: (Աղբալեան, նոյն):

Առ այդ, կը սկսի դաշնակցական գործի նոր փուլ` իրագործելու համար ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին որոշումները, վճիռները եւ գծած վարքագիծը, որոնք կը հանդիսանան բոլոր դաշնակցականներուն կամքն ու պարտաւորութիւնը:

ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը բուն իսկ Դաշնակցութիւնն է, որովհետեւ ան կ՛իմաստաւորէ ու կը հաստատէ Դաշնակցութեան գոյութիւնը` ի սպաս Հայաստանի ու հայութեան Դատին, որոնք պատուանդանը կը կազմեն Դաշնակցութեան գաղափարական նպատակներուն եւ գործնական աշխատանքներուն: Եւ ինչպէս Ռուբէն Տէր Մինասեան կը բացատրէ («ՀՅԴ կազմակերպութիւնը»), այդ գոյութեան չորս անփոփոխելի հիմքերն են.

1) Հայութեան պահպանում
2) Հայաստանը` հայութեան
3) Ուժ եւ կազմակերպութիւն
4) Արդար աշխատանք

Մեկնելով այդ չորս հիմքերէն` յաջորդական եւ յառաջիկայ ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովները կը շարունակեն որոշել ու գործել դաշնակցական կազմակերպութեամբ կերտելու հայութեան ուժը` ամբողջական Հայաստանի եւ ամբողջական հայութեան համար: Այդ ճանապարհի ծրագրումին եւ գործադրումին մէջ Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովը կ՛առաջնորդուի եռագոյն դրօշով, որուն վրայ գրուած է «Լեռնային Ղարաբաղ, Նախիջեւան, Ախալքալաք` մէկ կողմէ եւ Տաճկահայաստանի գաւառներ` միւս կողմէ, որոնք պիտի միացուին բուն հայրենիքին» (Ռուբէն Տէր Մինասեան, նոյն):

Լոս Անճելըս
7 յունուար  2019

Հեշտ Չէ, Բայց…Դժուար Ալ Չէ (Հայաստանի Հանրապետութեան Լեզուի Կոմիտէին Հրապարակած Կոչին Առիթով)*

$
0
0

 ՆՈՐԱ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ-ԳՈՅՈՒՄՃԵԱՆ

Միջնակարգի աշակերտ էի, երբ «փոփոխութիւն» կամ «յեղաշրջում» կարգախօսով իշխանութեան նոր  տիրացած Յունաստանի ընկերվարական կառավարութիւնը  ուսումնական ոլորտին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու  որոշումներ  տուաւ: Դպրոցական կեանքի սովորութիւններէն եւ համալսարան մուտք գործելու համակարգէն անդին` անոնք կը վերաբերէին նաեւ յունարէն լեզուին եւ քերականական խնդիրներու:

Նախ օտար բառերու գործածութեան դէմ «մտայնութիւն  մշակելու պայքար» մը սկսաւ: Նորեկ  ղեկավար մտաւորականութիւնը «օտարամոլութիւն» անուանեց օտար բառերու գործածութիւնը յունարէնի մէջ: Նախարարութեան ուղեգիծին հետեւեցան ուսուցիչները: Լաւ կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս շարադրութեան դասի պահուն այս նիւթի մասին յաճախ վերլուծում ընելու եւ առաջարկներ կատարելու պարտականութիւններ կը տրուէին մեզի` աշակերտներուս:

Կա՞յ աւելի ազդեցիկ միջոց, քան կրթական միջավայրը` մտայնութեան փոփոխութիւններ յաջողցնելու համար: Եւ իսկապէս ատիկա իր արդիւնքները  տուաւ համեմատաբար շատ կարճ ժամանակի մէջ:

Բացի օտար բառերէ` նաե՛ւ քերականական կարգ մը  կանոններ պարզացուց նախարարութիւնը եւ որոշ բառերու ուղղագրութիւնը փոխեց:  Սերունդին համար մեծ բարիք մը եղաւ յատկապէս վերացումը խազերու եւ  շեշտադրումներու, որ մինչ այդ կը կրէին  յունարէն բառերը իրենց ձայնաւորներուն վրայ` բարդութիւններ  պատճառելով աշակերտներուն:

Օրին այդօրինակ բարեփոխումներուն դէմ բուռն առարկողներ չպակսեցան, յատկապէս` կղերի ու աջակողմեան շրջանակներու կողմէ: Բայց կառավարութիւնը կը վայելէր համակրանքը ժողովուրդի մեծամասնութեան, որ յուսադրիչ ակնկալութիւններով կը վստահէր բոլոր մարզերէն ներս տրուող նոր որոշումներուն: Պէտք է անշուշտ աւելցնել, որ այս փոփոխութիւններով հանդերձ,  պահուեցաւ դասաւանդութիւնը հին (գրաբար) յունարէն լեզուին` անիկա սեպելով ժամանակակից լեզուին եւ ազգային գրականութեան հիմքը:

Մենք եղանք այն սերունդը, որ նախակրթարանի մէջ այնքան մեծ ճիգերով մեր սորվածները վերատեսութեան ենթարկելով` պէտք էր սորվէինք նո՛րը, փոխուա՛ծը եւ առանց  առարկելու, պարտադրաբար պէտք էր վարժուէինք նոր կանոններուն եւ անոնցմով  մեր քննութիւնները անցընէինք-յաջողէինք:

Խոստովանիմ, որ հեշտ չեղաւ, բայց… այնքան դժուար ալ չեղաւ: Շատ չանցած` արդէն վարժուեցանք, իսկ յաջորդ սերունդներուն համար ամէն բան բնականոն դարձաւ: Այնուհետեւ ամէն ինչ պարզացուած է, ինչ կը վերաբերի լեզուին:  Նախապէս ալ արդէն բարեփոխութեան ենթարկուած էր յունարէնը` անոր «մաքուր-գրական» կոչուածն ու խօսակցականը միախառնելու-նոյնացնելու տեսակէտէ: Այս վերջին բարեփոխութենէն ետք, պաշտօնատուներու թէ  հրատարակութիւններու մէջ այլեւս գործածական չեն հին-գրաբար, մաքուր-գրական յունարէններ: Կը գրեն այն յունարէնով, որ կը խօսին եւ կը խօսին այն յունարէնով, որ կը գրեն…

Այս յուշերս յայտնելով` կը փորձեմ  ըսել, թէ  կարծուածին կամ կատարուած ինչ-ինչ առարկութիւններուն չափ դժուար չէ  լեզուական խնդիրներու մէջ փոփոխութիւններու ձեռնարկելն ու յաջողիլը, եթէ կան անշուշտ որոշում տալու քաղաքական վճռակամութիւն եւ մտաւորական շրջանակներուն կողմէ աջակցելու կամք:

Հինէն ի վեր ունինք հայոց լեզուի երկու տարբերակներ, որոնք պէտք է սեպենք մեր լեզուի հարստութիւնը եւ ոչ` բացասական երեւոյթ: Բացասականը այն միտումնաւոր միջամտութիւններն են, որոնք եղած են ատենին` ազգային ինքնութիւնը տկարացնելու եւ այն ժամանակուան սփիւռքը հայրենիքէն առաւել հեռացնելու նպատակով:

Հայաստանի Հանրապետութեան Լեզուի կոմիտէին ներկայ կոչը  հայերուն, որ օտար բառեր չխառնեն հայերէնին, տատամսոտ, այլեւ առաջին քայլ մըն է, որ լեզուն առողջանայ եւ բառամթերքը պահպանուի-հարստացուի,  մանաւանդ` նոյնինքն հայրենիքին մէջ: Սփիւռքի մէջ ծնած-մեծցած եղողներս թէեւ յաճախ մեր ապրած երկրի լեզուն կը խառնենք մեր խօսքին մէջ, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ չենք մտահոգուիր եւ հարցը արծարծելու աւելի ազդու միջոցներ չենք ակնկալեր Հայաստանի իշխանաւոր ու մտաւորական շրջանակներէ:

Կու գա՞յ արդեօք ուղղագրութեան հարցն ալ քննարկելու պահը եւ` համապատասխան քայլեր առնելու:  Լաւատես ենք:

Գիտեմ, որ հեշտ չէ, բայց… այնքան դժուար ալ չէ: Թերեւս Քոլոմպոսի հաւկիթին կը նմանի…

*Կոչը տեսնել ստորեւ։

————

Լեզուի Կոմիտէի Նոր Յորդորակը – Գործածէք Օտար Բառերի Հայերէն Համարժէքները

Լեզուի կոմիտէն հաղորդագրութիւն է հրապարակել, որն ամբողջութեամբ ներկայացնում ենք.

«Յայտնի իրողութիւն է, որ լեզուներն առանց փոխառութիւնների չեն լինում: Դրանք  եղել են, կը լինեն եւ մերժելի չեն, եթէ անհրաժեշտաբար են փոխառուել: Իրողութիւն է նաեւ, որ ամէն լեզու փորձում է հնարաւորինս զերծ մնալ օտար բառերից` ստեղծելով դրանց համարժէքները: Երբ տուեալ լեզւում ստեղծւում է համապատասխան բառը, որը հասարակութիւնն ընդունում է, փոխառութիւնը դառնում է օտարաբանութիւն:

Ի տարբերութիւն փոխառութեան` օտարաբանութիւնը մերժելի է, որովհետեւ նախընտրելով օտարաբանութիւնը` նսեմացնում ենք մայրենի լեզուն, խանգարում նրա բնականոն ընթացքը:

Հայերէն շատ բառեր, ցաւօք, երբեմն անտեսւում են:

Նկատի ունենալով վերը ասուածը`

ՅՈՐԴՈՐՈՒՄ ԵՆՔ

ստորեւ  բերուած օտար բառերի փոխարէն` գործածել հայերէն համարժէքները.

աբոնեմենտ – բաժանորդագիր
աբստրակտ – վերացական
աբսուրդ – անհեթեթութիւն, անհեթեթ
ամբիցիոզ – յաւակնոտ
աւտոռեֆերատ – սեղմագիր
ատեստատ – վկայական
բալանս – հաշուեկշիռ
դեֆիցիտ – պակասուրդ
դիւիդենտ – շահաբաժին
դիսերտացիա – ատենախօսութիւն
դիսպետչեր – կարգավար
էմոցիա – յոյզ
իմիջ – կերպար
ինվալիդ – հաշմանդամ
ինվեստիցիա – ներդրում
լեգիտիմ – օրինական, օրինակարգ
լոգիկա – տրամաբանութիւն
կոլեգիա – վարչանի
կոմպետենտ – 1. իրազեկ, 2. իրաւասու
կոմպրոմիս – փոխզիջում
կոնցեպցիա – հայեցակարգ
կրէատիւ – ստեղծագործ
մաքսիմում – առաւելագոյն
մենեջմենտ / մենեջմենթ – կառավարում
մոնոպոլիա – 1. մենաշնորհ, 2. մենատիրութիւն
մոնոպոլիստ – 1. մենաշնորհեալ, 2. մենաշնորհատէր
մենտալիտետ / մենթալիտետ – մտածելակերպ
մինիմում – նուազագոյն
նեգատիւ – բացասական
շանս – հնարաւորութիւն
չէկ / չէք – վճարագիր, անդորրագիր
պոզիտիւ – դրական
պոպուլիզմ – ամբոխահաճութիւն
պոպուլիստ – ամբոխահաճ
պրակտիկ – գործնական
պրինտեր – տպիչ
ռէալ – իրական
ռեյտինգ – վարկանիշ
սանկցիա(ներ) – պատժամիջոց(ներ)
սիմվոլ – խորհրդանիշ
սիմվոլիկ – խորհրդանշական
սիստեմ – համակարգ
սիտուացիա – իրադրութիւն, իրավիճակ
ստատիստիկա – վիճակագրութիւն
տրենաժոր – մարզասարք
քսերոքս – պատճէնահան
քրոնիկոն – ժամանակագրութիւն
օպոնենտ – ընդդիմախօս
ֆէյք – կեղծ
ֆորում – համաժողով»:

 

 

 

2019. Հայ Եկեղեցին Հիմնական Դերակատար` Ուժեղ Լիբանանահայութեան Վերաթարմացման Գործին Մէջ (Գ.)

$
0
0

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Անկախ հայ մարդու քրիստոնէական հաւատքի ամրութենէն կամ աստուածավախութեան եւ հաւատացեալութեան աստիճանէն ու հեռու աստուածաբանական տարազներէ, հայ մարդը իր էութիւնը կը գտնէ հայ եկեղեցւոյ մէջ:

Հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը միաձոյլ պատմութիւն մը եղած է դարերու ընթացքին, եւ հոն, ուր հայ եկեղեցին տկարացած է, տկարացած է նաեւ մեր ժողովուրդի գոյատեւման ու ինքնութեան պահպանման կամքը, պայքարելու մարտունակութիւնն ու յարատեւելու ճիգը:

Կը խօսինք եկեղեցւոյ մասին, իր ընդհանրութեան մէջ, անկախ աստուածաբանական, ծիսական, կառուցային տարբերութիւններէն, կրօնական հաւատքի աստիճանաւորումէն եւ եկեղեցականներու ինքնադրսեւորումէն:

Այլապէս, խօսքը կը վերաբերի Ժողովուրդի եկեղեցւոյ, այն եկեղեցւոյ, որուն կը հաւատայ ժողովուրդը իբրեւ իր յաւերժականութեան հիմնաքար, իբրեւ իր գոյատեւումը ապահովող կառոյց, որ ազգային-հասարակական կառոյցներու կողքին յառաջատար դերակատարութիւն կը վայելէ եւ իբրեւ այդպիսին ժողովուրդը իրեն կը մօտենայ տեւական ակնկալութիւններով, յարաճուն սպասումներով եւ մշտական զարգացման ու ուժեղացման արդար պահանջով:

Լիբանանեան իւրայատուկ դրութիւնը աւելիով դերակատարութիւն վերապահած է համայնքային կառոյցներու, իսկ լիբանանահայութեան պարագային, եկեղեցին ու անոր հովանաւորութեան տակ գտնուող միաւորները միշտ ալ յարգանքի, ուշադրութեան եւ գուրգուրանքի առարկայ դարձած են մեր ժողովուրդին, ժողովուրդը ներկայացնող կուսակցութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն համար:

Ու եթէ 2019-ի առաջին օրերուն մենք կ՛անդրադառնանք ուժեղ լիբանանահայութեան վերաթարմացումին, ապա բնականաբար անհրաժեշտօրէն կ՛արձանագրենք այս իմաստով հայ եկեղեցւոյ եւ իր կառոյցներու դերակատարութեան, յաւելեալ ուժեղացման, յաւելեալ ժողովրդականացման, յաւելեալ հասանելիութեան եւ հայկականացման կարեւորութիւնը:

Արդարեւ, ցաւով պարտինք նշել, որ աղանդաւորական շարժումն ու հայ եկեղեցւոյ հաւատքին անյարիր, թէկուզ եւ քրիստոնէութեան անուան տակ գործող, բայց ապազգայնացնող ու տարբեր քաշողական գրգիռներով ապակողմնորոշող խմբակներ կը թափանցեն մեր իրականութեան մէջ:

Նոյն մտահոգութեամբ կարելի է արձանագրել նաեւ, որ հետզհետէ կ՛աւելնայ թիւը անոնց, տարեց թէ երիտասարդ, որոնք ենթակայական թէ առարկայական պատճառներով, տան բնակութեան յարմարութեան, օտար վարժարաններ յաճախելու, խառն ամուսնութեան թէ անհոգութեան պատճառով, կը հեռանան մեր եկեղեցիներէն, ու զիրենք կը գտնենք ոչ հայկական եկեղեցիներու մէջ ո՛չ միայն իբրեւ աղօթող, այլ նաեւ երբեմն ալ տիկնանց ու աղքատախնամ յանձնախումբերու, երիտասարդական խմբակներու թէ երգչախումբերու մէջ:

Երրորդ, աշխարհագրական վերադասաւորուող տեղաբաշխումը բնականաբար կը վտանգէ հայահոծ ապրելու կարելիութիւնը: Այլ խօսքով` դասական հայահոծ շրջաններէն հեռացող հայորդիներ կը հաստատուին այնպիսի շրջաններու մէջ, ուր հայ եկեղեցին ու իր սպասաւորները կա՛մ անտեղեակութեան, կա՛մ անհոգութեան եւ կա՛մ ալ անհասանելիութեան պատճառով չեն կրնար անհրաժեշտ ներկայութիւնը ըլլալ:

Չորրորդ, յաճախ կը խօսուի, կը խօսինք նաեւ, որ եկեղեցին պարտի երթալ դէպի ժողովուրդ: Ու միաժամանակ անհրաժեշտ է, որ ժողովուրդը երթայ դէպի եկեղեցի: Երկու այս ուղղութիւններուն փոխներգործութեան բացակայութիւնը կը վնասէ հայ մարդուն հայկականութեան պահպանման: Եկեղեցական քարոզները, արարողութիւնները, ժողովուրդին  կողմէ անհասկնալի արարողակարգը, կարծրատիպերու գոյութիւնը, թերթերու հրահանգչային յայտարարութիւնները կամ քահանաներու միայն տօնական տնօրհնէքի այցելութիւնները, երբեմն եկեղեցականի վանողական տիպարը կամ ոչ ընդունելի վարքագիծը, պարզութիւնն ու խոնարհութիւնը ծանուցող, բայց ըստ էութեան զանոնք չապրող տիպարներու գոյութիւնը խնդիրներ են, որոնք չեն նպաստեր եկեղեցի-ժողովուրդ-հայկականութեան պահպանում եռանկիւնի զօրացման ու ամրապնդման:

Մեր ժողովուրդը հոգեւոր սնունդի պէտք ունի: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս կարիքաւորը օժանդակութեան պէտք ունի: Հոգեւոր ծառայութիւնը ինքնաբերաբար կ՛ենթադրէ նաեւ աղքատին, թշուառին, հիւանդին, տառապողին ու տագնապողին հասնելու առաքելութիւն: Խօսիլ ծառայութեան մասին, սակայն չծառայել` քրիստոնէական հաւատքին հանդէպ մեղանչում է: Խօսիլ խոնարհութեան ու պարզութեան մասին, սակայն մնալ ժողովուրդէն հեռու, գոռոզ ու փառամոլ, հակաքրիստոնէական ընթացք է եւ վաւերականութեան պակաս:

Մենք կարիքը ունինք մեր եկեղեցւոյ ամրացման, զարգացման, հասանելիութեան ընդլայնման:

Կարիքը ունինք քաղաքէն ու Պուրճ Համուտէն դուրս ապրող Մեթնի ծովեզերեայ եւ լեռնային շրջաններու հայութեան համար նոր եկեղեցի-համայնքային կեդրոնի մը կառուցման:

Անհրաժեշտութիւնը ունինք երիտասարդութեան, մեր անմիջական շրջանակէն հեռու ապրող հայերու ներգրաւման` մեր եկեղեցական կեանքին մէջ: Հոգեւոր սնունդը բոլորին պէտք է հասանելի դառնայ:

Անհրաժեշտ է եկեղեցական-ազգային աւանդութիւնները վերյիշեցնելով պահել զանոնք ու փոխանցել նորարար ստեղծագործական մտքերով երիտասարդ մեր զանգուածներուն:

Չենք կրնար եկեղեցական մակարդակի վրայ ձեռնածալ մնալ հայ եկեղեցիէն հեռանալու ընթացքին ի տես, ըլլայ այդ դէպի աղանդաւորութիւն, կամ այլասերող խմբակներ կամ ոչ հայկական եկեղեցիներ:

Կարեւոր է բարեզարդել մեր եկեղեցիները, յարմարաւէտ պայմաններ ստեղծել մեր կրօնաւորներուն, նոր կառոյցներ ապահովել, յուշարձաններ կառուցել, սակայն հիմնականը` այս բոլորին կողքին, զանոնք դնել ի խնդիր հայ մարդու հոգեւոր ամրոցին, հայ եկեղեցւոյ հզօրացման:

Հսկայական կարիքներ, որոնց մէկ մասը արդէն իսկ որոշ ժամանակէ ի վեր ուշադրութեան առարկան են, բայց միաժամանակ կը յամենան իրենք զիրենք պարտադրել լիբանանահայութեան մօտ:

2019-ին չենք կրնար ակնկալել արծարծուած եւ դեռ չարծարծուած հարցերու լուծումը: Գէթ սակայն, յիշեցումը զանոնք կը դնէ օրակարգի առաջնահերթութեան վրայ ու մղիչ ուժ կը դառնայ նոր մտածումներու եւ մտքերու:

Ուժեղ լիբանանահայութեան վերաթարմացման հաւաքական ճիգին մէջ, հայ եկեղեցին ունի հիմնական դերակատարութիւն:

 

2019 Խոզի Տարի

$
0
0

Պատրաստեց եւ համադրեց` ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այս տարի չինական 4716-րդ տարին է, որուն լուսնային օրացոյցի համաձայն, նոր տարին, որ կը սկսի 5 փետրուար, 2019-ին, եւ վերջ կը գտնէ 20 յունուար 2020-ին: 2019 կ’անուանուի խոզի տարի: Խոզը չինական աղթարքին մէջ ամէնէն վերջին կենդանին է:

Չինական աղթարքը տարիները բաժնած է 12 կենդանիներու անուններով: Այսպէս, չինական առաջին տարին սկսած է մուկով, անոր յաջորդած են` ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը:

Այս ձեւով ամէն 12 տարին անգամ մը նոյն անասունը կը յիշուի չինական օրացոյցին վրայ:

Խոզը յայտնի է իբրեւ իր աղտոտ, ցեխերու մէջ հաճոյքով ապրող, խաղցող կամ տապլտկող անասունի կերպարով: Նոյնպէս հռչակաւոր է ամէն տեսակի ուտելիքներ ուտելու իր շատակեր, որկրամոլ ախորժակով: Այս պատճառով շատակեր մարդոց խոզի նման ուտող ածականը տուած են:

Բայց, երբ խոզի տարի կ՛ըսեն, այս բոլորէն տարբեր բաներու մասին կը խօսուի:

Այսպէս, ըստ չինական աղթարքին խոզի տարին ծնածները կ՛ըլլան մարդասէր, ընկերասէր եւ ընտանիքին համար զոհուած անձեր: Անոնք, մարդոց իրենց հանդիպման առաջին իսկ վայրկեանին, առանց դիմացինը լաւ ճանչնալու, կը վստահին անոր: Այս մէկը շուտով իրենց համար կը ստեղծէ նոր հարցեր եւ յուսախաբութեան դռներ կը բանայ:

Ընկերային կեանքը կը սիրեն ու գրեթէ կը պաշտեն: Կը սիրեն միշտ օգնել: Նախանձ ըսուածը իրենց բառարանին մէջ գոյութիւն չունի:  Հաւասարակշռութիւնը պահող են: Չարքաշ աշխատող ըլլալով հանդերձ որեւէ հարցի մը պարագային կ՛ուզեն զայն աստիճան առ աստիճան լուծել: Բախտախաղի կամ թուղթի չեն հաւատար: Ընտանիքը իրենց համար սրբութիւն է, եւ այդ պատճառով ալ մարդկային ու ընկերային յարաբերութեանց մէջ օրինակելի են:

Խոզի տարին ծնողները ընդհանրապէս կ՛ըլլան դերասան կամ երաժիշտ, շատ քիչ` գրող, գիտնական, փաստաբան:

Անոնք քաջատեղեակ են, որ ոչ մէկ տարի առանց հարցերու եւ դժուարութիւններու կ՛անցնի, բայց կը մտածեն, թէ քանի որ մարդ առանձինը չապրիր, ուստի այս հարցերը կրնան լուծուիլ մարդուն անմիջական շրջապատին օգնութեամբ:

Ահա թէ ինչո՛ւ «Խոզ»-երը նոր հորիզոններ եւ բարեկամութիւններ ստեղծելու հետամուտ եղած են: Անոնք չարքաշ եւ աշխատունակ են: Նիւթապէս ապահով կեանք մը կ՛ունենան, որովհետեւ շատ չեն ծախսեր, կամ ալ հաշիւով կը ծախսեն ու երկար ժամանակ կը յատկացնեն որեւէ գնումէ առաջ:

Ասոր կողքին, անոնք ծնած են կարծես մարդոց օգնելու կամ օգտակար հանդիսանալու համար: Անոնց հետ  բարեկամութիւնը կ՛ըլլայ խոր եւ երկար տարիներու վրայ տարածուած:

Ամէն բան ի գործ կը դնեն իրենց անմիջական շրջապատին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար: Նախաձեռնող ըլլալով հանդերձ, վստահելի ալ են: Շատախօս չեն, բայց երբ իրենց խօսելու առիթ տրուի, երկար կը խօսին:

Մտային զարգացումը իրենց համար էական է: Մեծ ծարաւ ու փափաք ունին ուսման եւ գիտութեան: Ինքզինքնին ուրիշներէ աւելի գերադաս չեն նկատեր սակայն կը զգաս, որ գիտութեան տէր մարդիկ են: Շատ լաւ ընթերցողներ են:

Անոնց մէջ հաւատքը տարիքի հետ կապուած չէ: Անոնց համոզումը միշտ անխախտ մնացած է, նոյնիսկ` յառաջացած տարիքին:

Անոնք ծնած վայրկեանին մարդոց օգտակար դառնալու մասին մտածած են: Այս մէկը յատկանշական նկարագիր մըն է, որ ուրիշներու մէջ հազուադէպ է: Իրենց աշխարհը կը բանան նոյնիսկ օտարին դիմաց: Շատեր այս մէկը կը շահագործեն:

Խոզի տարին նաեւ յատկանշուած է` իբրեւ յաջողութեան, մեծ գումարներ ձեռք ձգելու, ուրախութեան եւ ցնծութեան տարի:

Խոզի լաւ ամիսներն են` մայիսը, յունիսը եւ նոյեմբերը:

Բախտաւոր թիւերն են` 1-3-5-34-41-48

Խոզի տարին ծնածները կը սիրեն`

– Ներկայութիւն ըլլալ,
– Հաւաքոյթներ կազմակերպել,
–  Ընթերցասէր են, անոր համար բացայայտ ու նշանաւոր դէմքեր կ՛ըլլան,
– Ծափահարուիլն ալ կը սիրեն,
–  Խմբական աշխատանքներուն միշտ մասնակից կ՛ուզեն դառնալ,
–  Նուէրներ կը բաշխեն, նաեւ երախտապարտ են,
–  Փոխվրէժի չեն հաւատար,
– Հարցերէ հեռու կը մնան:

Խոզի տարին ծնածները չեն սիրեր`

– Վէճ եւ վիճաբանութիւն,
–  Դժուար որոշումներ տալ,
–  Ժխտական մարդիկը,
–  Մարդոց դէմ խօսողներն ու բանբասողները,
–  Շուարումի մատնուիլ,
–  Անբարեացակամ մարդիկ:

Խոզի տարիներուն ծնած նշանաւոր դէմքեր`

Հենրի Քիսինճըր, Ժորժ Փոմփիտու, Թենըսի Ուիլիըմզ, Ֆահտ թագաւոր, Էռնեստ Հեմինկուէյ,  Առնորլտ Շուացենեկըր, Էլթըն Ճոն, Լուսիլ Պոլ, Ճիւլի Էնտրուզ:

Հետեւեալ տարիները խոզի տարի կոչուած են կամ կը կոչուին.-

1911 – 1923 – 1935 – 1947- 1959- 1971- 1983 – 1995 – 2007 – 2019

***

Խոյ (մարտ 21 – ապրիլ 19)

Տարուան առաջին երեք ամիսներուն արդէն պիտի կարողանաս ձեռք ձգել առողջութիւնդ եւ մանաւանդ, նիւթապէս պիտի դառնաս բաւարարուած: Այս մէկը պիտի գերազանցէ անցեալ տարիդ: Ինքնավստահութիւնդ մտքի ապահովութիւն եւ խոր իմաստութիւն պիտի շնորհէ: Գործերդ պիտի ընդարձակուին եւ յաջողութենէ յաջողութիւն պիտի անցնին: Սիրոյ մէջ ալ նոյն բախտին պիտի արժանանաս: Նոյեմբերի շրջանին ճամբորդութիւններ պիտի կատարես: Շատ հաւանաբար յուսախաբութիւննեով լեցուիս տարուան կիսուն, սակայն, շնորհիւ զանազան երազներուդ, տարիդ պիտի ըլլայ յաջողութիւններով լեցուն: Յոռետես մի՛ ըլլար: Յարատեւութիւնդ իր բարերար դերը պիտի ունենայ ամբողջ տարուան ընթացքին:

Բախտաւոր թիւեր` 2-16-31 բախտաւոր օրեր` չորեքշաբթի եւ կիրակի

Ցուլ (ապրիլ 20 – մայիս 20)

Տարիդ բաւական ջղային վիճակով պիտի սկսիս: Անցեալ տարուան հարցերդ շուտով պիտի չկարենաս լուծել: Զգուշութիւնը մեծ դեր պիտի խաղայ ամբողջ տարուան ընթացքին: Ուստի մարզանքներդ շարունակէ: Տարուան կիսուն ընտանեկան հարցերդ ամբողջութեամբ պիտի լուծուին: Յունիս եւ յուլիս ամիսները յաղթանակի ամիսներ պիտի ըլլան: Հոկտեմբերը քեզի պիտի բերէ նոր ծրագիրներու մը ծրարը: Աշխատէ զանոնք կարգով իրագործել: Այս տարի ոչ միայն հին պարտքերդ պիտի փակես, այլեւ տնտեսապէս լաւ վիճակ մը պիտի ունենաս: Նոր գործի մը առաջարկը շփոթի պիտի մատնէ քեզ: Յաջորդ տարուան ձգէ այս մէկը: Սիրային արկածախնդրութիւն մը պիտի խանգարէ կեանքիդ խաղաղ ընթացքը: Զգուշ եւ գաղտնապահ եղիր:

Բախտաւոր թիւեր.` 9-10-12 բախտաւոր օրեր` երկուշաբթի եւ չորեքշաբթի

Երկուորեակ (մայիս 21 – յունիս  21)

Բաւականին յաջող տարի մը կրնաս ունենալ, եթէ փորձես նախկին եւ անոնց հետ կապուած բոլոր խնդիրներդ, ըսի-ըսաւներն ու վէճերդ ամբողջովին մոռնալ: Համբերութիւնը մեծ դեր կրնայ խաղալ այս բոլորին մէջ, անշուշտ եթէ համբերել գիտնաս: Օգոստոսին գեղեցիկ անակնկալ մը քեզ պիտի փոխէ, ու դուն քու աչքերուդ նոյնիսկ պիտի չհաւատաս: Վիճակահանութենէն որոշ գումար մը պիտի շահիս, որուն շնորհիւ` պարտք պիտի չունենաս: Տանդ եւ գործատեղիիդ մէջ փոփոխութիւններ պիտի կատարես եւ նիւթապէս աւելի ապահով պիտի ապրիս: Մի՛ փորձեր մինակդ դիմագրաւել ամէն դժուարութիւն: Մէկ ձեռքով երկու ձմերուկ պիտի չկարենաս վերցնել: Մտերիմիդ կարծիքը միշտ էական պիտի ըլլայ:

Բախտաւոր թիւեր` 5-20-35 բախտաւոր օրեր` կիրակի եւ հինգշաբթի

Խեցգետին (յունիս 22 – յուլիս 22)

Այս տարուան բոլոր ամիսներուն նորանոր դժուարութիւններ կրնան ծնիլ, ուրեմն պէտք է կիրարկել համակերպումի գաղափարն ու դրութիւնը:

Բախտաւոր թիւեր.` 7-16-33 բախտաւոր օրեր` երկուշաբթի եւ հինգշաբթի

Առիւծ (յուլիս 23 – օգոստոս 22)

Յուանուարի կիսուն նոր կապեր պիտի հաստատուին` բարեկամական թէ գործի մարզին մէջ: Բարեկամական այս հանդիպումները օգտակար պիտի ըլլան, որ նոյնիսկ գործդ փոխելու մասին մտածես: Կը թելադրուի համբերութիւն: Տարուան լաւագոյն ամիսները սեպտեմբերէն ետք պիտի սկսին, որոնց ընթացքին կեանքդ հիմնովին պիտի բարեփոխուի, եւ տնտեսապէս պիտի հարստանաս: Միայն գործերդ լաւ հսկէ, յանձնառութիւններդ կատարէ, տուած խոստումներդ յարգէ եւ ունեցած ինչքերուդ տէրը եղիր: Տարին կը պահանջէ կատարեալ պարկեշտութիւն եւ յարգանք: Ընտանեկան ներքին հարցեր պիտի ծագին, ջանա՛ մէկ կողմ կենալ նման հարցերու պարագային եւ թոյլ տալ, որ ժամանակը կարգադրէ, լուծէ հարցերը:

Բախտաւոր թիւեր` 1-9-15 բախտաւոր օրեր` չորեքշաբթի եւ կիրակի

Կոյս (օգոստոս 23 – սեպտեմբեր 22)

Տարուան առաջին ամսուան ընթացքին առողջութիւնդ իր նախկին վիճակին պիտի վերադառնայ, եւ դուն, ստիպուած, ամբողջ տարին զգուշ պիտի ըլլաս կեանքը լաւ ապրելու ու վայելելու համար: Գործիդ մէջ նոր հարցեր պիտի ցնցեն էութիւնդ: Քու չափաւոր եւ հաւասարակշռուած կեցուածքովդ պիտի կարենաս յաղթահարել ամէն դժուարութիւն: Նիւթականի որոշ բարելաւում մը կը տեսնուի տարեվերջին: Համբերատար ըլլալդ շատ յաճախ քեզ հարցերէն հեռու պիտի պահէ: Եթէ ամուսնացած չես, 10-րդ եւ 11-րդ ամիսները այս ծրագրին համար ամէնէն յարմարագոյնը կը նկատուին: Նիւթական վիճակդ պիտի բարելաւես, եթէ ծախսերդ թեթեւցնելու մասին մտածես:

Բախտաւոր թիւեր` 1-3-4  բախտաւոր օրեր` կիրակի եւ ուրբաթ

Կշիռք (սեպտեմբեր 23 – հոկտեմբեր 23)

Անմիջական շրջապատդ եւ բարեկամներդ նիւթապէս նեցուկ պիտի կանգնին քու բոլոր ծրագիրներուդ: Մայիսէն ետք կեանքդ աւելի հեզասահ պիտի ընթանայ, եւ տնտեսական վիճակդ պիտի բարելաւուի: Տարուան վերջին ամիսներուն կարճ շրջապտոյտի մը ծրագիրներ պիտի որոնուին: Լաւ կ՛ընես, եթէ իրագործես, որովհետեւ չես գիտեր` յառաջիկայ տարի պայմանները ինչե՜ր կրնան բերել: Հեռուէն ազգականի մը հիւանդութիւնը քեզ հոգեպէս պիտի ցնցէ: Յոռետես մի ըլլար: Շուտով պիտի բժշկուի: Լաւ կ՛ընես, եթէ միշտ բժիշկներուդ խորհուրդները կատարես: Դեղերուն կողքին, մարզանքներդ էական են: Յիշէ՛:

Բախտաւոր թիւեր` 6-11-23 բախտաւոր օրեր`  շաբաթ եւ հինգշաբթի

Կարիճ (հոկտեմբեր 24 – նոյեմբեր 21)

Տարուան ընթացքին ինքնավստահութիւնդ մտքի ապահովութիւն եւ խոր իմաստութիւն պիտի շնորհէ: Գործերդ պիտի ընդարձակուին եւ յաջողութենէ  յաջողութիւն պիտի անցնին: Սիրոյ մէջ երբեմն յուսախաբութիւններ պիտի ունենաս, սակայն ինքզինքդ պիտի վերագտնես: Սեպտեմբերէն սկսեալ գործիդ մէջ ներքին տարակարծութիւնները պիտի հարթուին: Ասոր իբրեւ արդիւնք` պիտի կարենաս նոր երազներ հիւսել եւ նոյնիսկ ապրիլ: Ծտագիրներուդ իրագործման համար լաւ տարի մը պիտի ըլլայ այս մէկը միայն թէ առողջութեանդ հոգ տանելու չմոռնաս:

Բախտաւոր թիւեր` 3-7-21 բախտաւոր օրեր`  չորեքշաբթի եւ կիրակի

Աղեղնաւոր (նոյեմբեր 22 – դեկտեմբեր 21)

Անցեալ տարի քեզի համար լաւ տարի մըն էր: Այս տարի անոր շարունակութիւնը պիտի ըլլայ: Եթէ գործատէր ես, բաւական ճամբորդութիւններ պիտի կատարես, որոնց շնորհիւ նոր բարեկամներու պիտի ծանօթանաս եւ միաժամանակ նիւթականդ մեծապէս պիտի բարելաւես: Մի՛ մոռնար առողջական վիճակիդ աւելի մօտէն հետեւիլ: Այս պարագային, անհոգութիւնդ մեծ հարցերու դռներ կրնայ բանալ: Այս տարի բոլոր զոյգերը շատ ներդաշնակ կեանք մը պիտի ունենան, ջերմօրէն պիտի կապուին իրարու: Անոնք պիտի պատրաստեն աղուոր ծրագիրներ: Իսկ ամուրիները շնորհիւ նոր հանդիպումներու` պիտի կարենան փայլուն եւ նոր հորիզոններ ծրագրել: Թէեւ քանի մը առիթներով աննպաստ կացութիւններ պիտի խանգարեն կեանքի ընթացքը, սակայն շուտով պիտի վերադառանաս նախկին վիճակիդ:

Բախտաւոր թիւեր` 5-14-41 բախտաւոր օրեր`  երկուշաբթի եւ ուրբաթ

Այծեղջիւր (դեկտեմբեր 22 – յունուար 19)

Անցեալ տարի շփոթութիւնը քեզի նետած էր ընդհանուր անորոշութեան մը գիրկը: Ապրիլ ամիսը քեզի բախտ պիտի բերէ: Բայց մինչ այդ անմիջական շրջապատդ եւ յատկապէս մտերիմ բարեկամներէդ մէկը, նիւթապէս նեցուկ պիտի կանգնի քու բոլոր ծրագիրներուդ: Սիրոյ մէջ փոքր հարցեր պիտի խանգարեն քեզ: Յոռետես մի՛ ըլլար: Յարատեւութիւնդ իր բարերար դերը պիտի ունենայ ամբողջ տարուան ընթացքին: Նոր գործիդ մէջ հորիզոնը պիտի պայծառանայ, եւ պիտի հասնիս նպատակիդ: Պիտի առաջարկուի շատ հետաքրքրական պաշտօն մը, որ պիտի օգնէ ապագայիդ կերտումին: Տնտեսական վիճակդ պիտի բարելաւուի, շնորհիւ նոր կնքած համաձայնագիրիդ:

Բախտաւոր թիւեր` 7-16-24 Բախտաւոր օրեր`  երեքշաբթի եւ հինգշաբթի

Ծովանուշ (յունուար 20 – փետրուար 19)

Նոր տարուան օգոստոսէն ետք երկար ճամբորդութիւն մը պիտի առաջարկուի, որուն պիտի ընկերանայ նաեւ հաճոյքը: Առիթը մի փախցներ: Նորանոր համդիպումներ ոչ միայն յաջողութիւններու ճամբայ պիտի բանան այլեւ առիթ տան, որ նոր մղումով եւ խանդավառութեամբ լծուիս գործերուդ: Առողջական գետնի վրայ, որպէսզի տարուան ընթացքին զանազան մտահոգութիւններով չապրիս, շարունակէ չափաւորել ուտելիքդ եւ կիրարկել մարզանքներդ:

Տարուան կէսէն ետք հաւասարակշռութիւնդ եւ ուղղամտութիւնդ գործի դնելով` պիտի կարենաս նիւթապէս վիճակդ բարելաւել: Յարատեւութիւնդ իր մեծ դերը պիտի ունենայ:

Բախտաւոր թիւեր` 9-27-32 բախտաւոր օրեր` երկուշաբթի եւ չորեքշաբթի

Ձուկ (փետրուար 20 – մարտ 20)

Այս տարուան երկրորդ ամսուան սկիզբը արդէն գործդ պիտի փոխես: Այս մէկը լաւ եկամուտի աղբիւր պիտի դառնայ: Սիրելիիդ կամ կողակիցիդ ու յատկապէս անոր ազգականներուն հետ հարցերդ կրնան բարդանալ, եթէ աւելի խոհեմ չմտածես: Տարուան կիսուն գեղեցիկ անակնկալ մը` ամուսնութեան լուր, նորածին եւ այլն, քեզ հոգեպէս հիմնովին պիտի փոխէ: Յուլիսը պիտի ըլլայ նաեւ լաւագոյն ամիսներէն մէկը, որուն ընթացքին պիտի կարենաս նոր ծրագիրներ մշակել: Այս բոլորը նոր եկամուտներու աղբիւր պիտի դառնան: Շատ հաւանաբար ամրան աւարտին բնակարանիդ մէջ կենսական նկատուած փոփոխութիւններ մտցնես եւ կամ բնակարանդ փոխես: Այս տարի ոեւէ մէկէն դրամ փոխ մի՛ առներ, որովհետեւ կրնայ քեզի աւելի սուղ արժել:

Բախտաւոր թիւեր` 4-8-12 բախտաւոր օրեր` ուրբաթ եւ կիրակի

 

 

Viewing all 12135 articles
Browse latest View live