Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12135 articles
Browse latest View live

128 Տարի Իր Խաչը Հաւատարիմ Կրող Դաշնակցութիւնը

$
0
0

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Այս տողերը գրողը մտադիր չէ կուրօրէն կուսակցութեան փառքը հիւսել, այլ իրողութեանց վրայ հիմնուելով` մարդոց խղճին պիտի դիմէ: 128 տարիէ ի վեր անդադար կը շարունակուին հակադաշնակցական դրսեւորումները եւ բազմատեսակ քննադատութիւնները: Զարմանալի բան չկայ հոս, շատոնց վարժուած ենք, որ եթէ` «Մէկուն աղջիկ կը լրբանայ, միւսին տղան սիրահարուի, ամէնեքեան բերնէ բերան կը մեղադրեն Դաշնակցութիւն»: Ես սակայն պաշտպան փաստաբան պիտի չըլլամ, ո՛չ կարիքը կայ, ո՛չ ալ իմաստ, նպատակս ուրիշ է: Այսօր շատերը տակաւին կը յամառին այն տեսակէտին վրայ, որ Դաշնակցութեան «ազգավնաս գործունէութիւն»-ը յանգեցաւ ջարդերուն եւ տեղահանութեանց, Հայաստանի համայնավարացման, հայութեան հատուածներուն միջեւ բեւեռացման, ազգային տարբեր տագնապներուն եւ այլն: Լա՛ւ, սակայն ես ըսելիք մը ունիմ, պատասխան մը: Արդեօք Դաշնակցութենէն առաջ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ բռնութիւն, հալածանք, ճնշում եւ կոտորած գոյութիւն չունէի՞ն: Իսկ մեր ժողովուրդը, ազատութեան փոխարէն` ստրկութի՞ւնը կ՛երազէր:

Ո՞վ եկաւ հայ ազգի անսակարկ պաշտպանը ըլլալու եւ դարերով փայփայուած երազը կենսագործելու: Յետոյ, որո՞ւն անսպառ կորովը եւ անկոտրում կամքը ոտքի հանեցին մեր ժողովուրդի բեկորները եւ Սարդարապատներ առաջնորդեցին զանոնք` ամբողջ աշխարհին ցոյց տալով ցեղասպանուած ժողովուրդի պատմութեան էջերէն չսրբուելու վճռակամութիւնը: Ո՞վ եղաւ հայոց պետականութիւն վերականգնողը եւ մեր ազգին նոր յոյս պարգեւողը: Որո՞ւն ազատամիտ ուղեգիծը, կենսունակ գաղափարականը եւ ծառայական երթը շարժեցին համայնավարներուն նախանձը եւ նեղմիտ, ապազգային հայ տարրերուն շնորհիւ Հայաստանը համայնավարացաւ:

Տարիներ շարունակ ո՞վ ջատագով հանդիսացաւ հայոց արդար իրաւունքներուն եւ մշտարծարծ պահեց Հայկական հարցը: Հայութեան մէջ ստեղծուած բեւեռացումը ինքնիրեն չպատահեցաւ: Մութ ուժերը ուզեցին հարուածել հայու յիշողութիւնը, պայքարի ոգին եւ վերապրելու կամքը: Սակայն արդիւնքին հասնելու համար հարկ էր նախ եւ առաջ հարուածել մեր ազգային արժէքներուն անխոնջ պահակին: Այո՛, մեղաւո՛ր է Դաշնակցութիւնը: Մեղաւո՛ր է, որ հայ կինը բռնաբարումէն փրկեց, հայ ծերուկին սեփական անկողնին մէջ իր հոգին աւանդելու հնարաւորութիւն տուաւ, հայ մանուկը գողութենէն պաշտպանեց: Մեղաւո՛ր է, այո՛, որ հայ ազգի լաւագոյն տղոց ամբողջ փաղանգներ կրակին նետեց ժողովուրդի վերապրումին եւ բարօրութեան համար: ՀՅԴ-ը ժողովուրդէն ծնաւ: Ուրեմն, ազգը հայոց ծնողքն է Դաշնակցութեան: Սակայն, վա՜յ այն ծնողին, որ իր զաւկին գուրգուրանք չի տար, մանաւանդ` այն զաւկին, որ լուռ ու անտրտունջ տարիներով հոգ տարած է իր մայր ժողովուրդին:

Երեսուն տարի առաջ երկրաշարժի օրերուն մեր երախտագիտութիւնը եւ յարգանքը յայտնեցինք բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան ձեռքը երկարեցին հայ ժողովուրդին: Ինչո՞ւ կը զլանանք մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու 128 տարի շարունակ իր ազգին օգնութեան հասնող եւ զոհուող կուսակցութեան: Ես կը սիրեմ եւ կը յարգեմ Դաշնակցութիւնը ո՛չ իր մարտական սխրանքներուն համար, ո՛չ իր անցեալի փառքերուն համար (թէեւ շա՛տ հպարտ եմ ատոնցմով), ո՛չ կուսակցական եմ, ո՛չ ալ ակումբի մէջ մեծցած եմ, այլ որովհետեւ ինձմէ հազար մղոններ հեռու ըլլալով` Դաշնակցութիւնը զիս մարդ եւ հայ կերտեց: Ինծի հայերէն սորվեցուց, հայոց պատմութեան եւ Հայ դատին տեղեակ դարձուց, իմ նկարագիրը դարբնեց, իր ինքնութեամբ հպարտ ըլլալու եւ ապազգային երեւոյթներուն ոչ ըսել սորվեցուց: Հո՛ս է Դաշնակցութեան իսկական արժէքը: Անոր բուն յարգը հայ մարդը հպարտ եւ գիտակից հայ կերտելու արուեստին մէջ է:

Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի ազատասիրութեան եւ ինքնիշխանութեան դարաւոր տենչանքին խտացումն է: Անոր գաղափարականը անբիծ է եւ յաւերժական, որովհետեւ յաւերժական է մեր ազգի երթը ազատութեան ճանապարհին վրայ: Սիրեցէ՛ք գաղափարը եւ մի՛ փորձուիք պատասխանատուներուն հետ շփոթել Դաշնակցութիւնը: Խորանը մնայուն է, սպասարկուները կու գան եւ կ՛անցնին: Դաշնակցութիւնը քարաշէն ներկայութիւն չէ, այլ` ոգեղէն ներշնչարան: Դաշնակցութիւնը կուսակցութիւն մը չէ, այլ` նահատակներու աշխարհ մը, ուր ամէն բնակիչ իր կեանքով եւ մահով բովանդակ հայ ազգի դարաւոր տառապանքի եւ ցասումի հարազատ թարգման է: Դաշնակցութիւնը նեղմիտ կուսակցական գործունէութիւն մը չէ, այլ` ապրելու կերպը, մտածելու ձեւը, գործելու ոճը:

Սորվեցէ՛ք երախտապարտ ըլլալ ազգին ցաւը մեղմացնող կուսակցութեան: 128 տարի առաջ հայ ազգին խաչը յօժարակամ շալկած Դաշնակցութիւնը դեռ երկար ճամբայ ունի կտրելիք: Չկար օր մը, երբ դժուար պայմաններէն յոգնած եւ իր ծնողք-ազգի պաղ վերաբերումէն նեղուած` Դաշնակցութիւնը իր երեսը դարձուցած է եւ անտէր լքած է իր ժողովուրդը: Ուրեմն, մի՛ խանգարէք Դաշնակցութեան երթը, այլ թեւ թիկունք տուէք եւ ճամբայ բացէք:

 

 


128 Տարուան Պատգամ` Վերադարձ Գաղափարական Արմատներուն

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Այսօր, երբ կը նշենք ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական գաղափարական աւանդներ կրող Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 128-ամեակը, կը զգանք այդ 128 տարիներուն ընթացքին ՀՅԴ-ի կարեւորութիւնը` իբրեւ հայկական ընկերութեան մէջ փոփոխութեան եւ յառաջդիմութեան մղող ուժ:

Երբ կը թերթենք «Դրօշակ»-ի, «Հայրենիք»-ի, «Վէմ»-ի, «Յառաջ»-ի, տասնեակ օրաթերթերու, ամսաթերթերու եւ այլ տեսաբանական բնոյթի հրատարակութիւններու էջերը, յստակօրէն կը տեսնենք ՀՅԴ-ի գաղափարաբանութեան ձգած ազդեցութիւնը սերունդներու դաստիարակութեան վրայ. կը զգանք նաեւ այդ ազդեցութեան կարեւորութիւնը հայկական կեանքի քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, ինչպէս նաեւ` ընկերաբանական, մշակութային ու տեսաբանական մարզերուն մէջ:

Իսկ երբ կը կարդանք Միքայէլ Վարանդեանի «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւն»-ը, Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» եւ պատմական բնոյթի այլ հրատարակութիւններ, կը գիտակցինք, թէ ՀՅԴ-ի դաւանած գաղափարախօսութեան չորս սիւները (ազգայնութիւն, ընկերվարութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ յեղափոխականութիւն) որքանո՛վ գործադրուած են գետնի վրայ եւ որքա՛ն յաջողութիւն գտած են հայ աշխատաւորի, գիւղացիի, կիներու, երիտասարդներու ու բոլոր անոնց մօտ, որոնք կը պատկանին հայ ազգին. կը գիտակցինք, թէ Դաշնակցութեան բռունցքը որքա՛ն պայքարած է յանուն քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ մտային ազատագրման. նաեւ կը գիտակցինք Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան ներդրումին` ընկերային ու տնտեսական անարդարութեանց դէմ պայքարին մէջ: Մեր աչքերուն առջեւ կը պատկերուին հայկական ընկերութեան մէջ կրօնական-դաւանական, ազգային, ցեղային թէ սեռային խտրականութեան դէմ պայքարի էջերը:

Յիշեալ դրուագները մաս կազմած են ՀՅԴ-ի պատմութեան, եւ անոնց ջնջումը անկարելի է:

Վերադառնանք այսօրուան` ՀՅԴ-ի հիմնադրութենէն 128 տարի ետք: Այս տարի ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան տարեդարձը կը նշենք միջազգային եւ ազգային տարբեր կացութեան մը մէջ, ինչ որ կը պարտադրէ մեզի` գիտակցիլ ու ճանչնալ մերօրեայ մարտահրաւէրները եւ, հետեւաբար, յաղթահարել զանոնք` ՀՅԴ-ի գաղափարաբանական հիմքերէն մեկնելով:

Միջազգային գետնի վրայ նոր-ազատականութիւնը (որ համաշխարհայնացման մղող թիւ մէկ ուժն էր եւ կը շարունակէ մնալ) կը շարունակէ արձանագրել անժողովրդականութիւն, իր հետեւանքներուն` աղքատութեան, անգործութեան եւ ընկերային-դասակարգային լայն անհաւասարութեան պատճառներով: Այս բոլորը պատճառ կը դառնան աջակողմեան ամբոխավարութեան, մենատիրական եւ բռնատիրական ուժերու աճին, որոնք կը քարոզեն ցեղապաշտութիւն, սեռի, գոյնի, կրօնի կամ ցեղային պատկանելիութեան վրայ հիմնուած խտրականութիւն եւ կլիմայական փոփոխութեան հերքում:

Միւս կողմէ` ընկերվարական շարժման մէջ վերադարձ կայ դէպի արմատներ, վերադարձ` դէպի ընկերային ու տնտեսական արդարութիւն, ընկերային բարօրութեան իտէալ եւ ընկերային շարժումներու զօրակցութիւն: Նոր-ազատական սեփականաշնորհումներուն, պետական ծախսի նուազեցման, աջակողմեան ամբոխավարութեան` սեռի, գոյնի, կրօնի կամ ցեղային պատկանելիութեան հիման վրայ քարոզներուն դէմ պայքարելու միջոցով ընկերվարականները սկսան գործադրել իրենց աւանդական քաղաքականութիւնները` ընկերային բարօրութեան ապահովումը, աշխատաւորներու, կիներու եւ բոլոր զրկուած խաւերու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:

Ազգային գետնի վրայ 2018-ի ապրիլին տեղի ունեցաւ ժողովրդային շարժումը, որ ճանչցուեցաւ իբրեւ թաւշեայ յեղափոխութիւն: Այդ շարժումը պատահականութեան արդիւնք չէր, այլ մերժումն էր Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք որդեգրուած տնտեսական ազատական (լայնածաւալ սեփականաշնորհումներ, արհեստակցական միութիւններու տկարացում եւ գիւղացիական համագործակցութիւններու ջնջում) ու ծաւալուած ընկերային պահպանողական (սեռային անհաւասարութիւն, սեռով պայմանաւորուած վիժումներ, ընտանեկան բռնութիւն) քաղաքականութիւններուն, որոնք արտադրեցին շուկայական մենաշնորհներ, սակաւապետական համակարգ եւ փտածութիւն` պատճառ դառնալով աղքատութեան, անգործութեան, սեռային բռնութեան եւ արտագաղթի երեւոյթներուն: Դժբախտաբար թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք ալ կը շարունակուին գործադրուիլ տնտեսական ազատական քաղաքականութիւնները, որոնք ապագային յուսահատութիւն պիտի պատճառեն ժողովուրդին:

ՀՅԴ-ն, համաձայն իր գաղափարաբանութեան եւ իբրեւ անդամ Ընկերվար միջազգայնականին ու Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան, պէտք է նաեւ դիմէ ընկերվարական արմատներու վերադարձին` զարկ տալով շարքերու գաղափարականացման, առաջնահերթութիւն նկատելով ընկերային եւ տնտեսական հարցերը, Հայաստանի մէջ արհեստակցական եւ գիւղացիական միութիւններու կազմաւորումը, ինչպէս նաեւ` թիկունք կանգնելով կիները եւ բնութիւնը պաշտպանող նախաձեռնութիւններուն, որովհետեւ ի վերջոյ ընկերային եւ տնտեսական ազատագրութեան պայքարը անբաժանելի է ազգային-ազատագրական պայքարէն: Առանց ընկերային եւ տնտեսական ազատագրութեան, ընկերային բարօրութեան եւ ամէն տեսակի խտրականութեան վերացման` ազգ մը լիիրաւօրէն ազատագրուած չ՛ըլլար:

Ահա ազգային-ազատագրութեան ըմբռնումը` ըստ ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարախօսական հիմքին: «Դաշնակցութեան վեհ ծրագիր իր մէջ ունի անխտիր, ազատութիւն, արդարութիւն պէտք է լինի ամէնուն»: «Պէտք է լինի ամէնո՛ւն», այո՛, եւ շեշտուած` ամէնո՛ւն, առանց որեւէ բացառութեան: Երգի բառերուն համաձայն, 128 տարի առաջ նոյնն էր, նոյնը մնաց եւ պիտի մնայ անտարակոյս: Այսինքն` այնպիսի ազգային գաղափար մը, ուր մոլեռանդութիւնները, դաւանականութիւնները, կրօնամոլութիւնները եւ սեռային պատկանելիութեան վրայ հիմնուած խտրականութիւնները չեն մարսուիր: Ահա` առողջ ազգային գաղափարախօսութիւնը, որ ժառանգուած է Զարթօնքէն եւ զարգացած ազգային-ազատագրական պայքարով: Թանկագին գանձ մը, որ այսօր, երբ աջակողմեան ամբոխավար ուժերը կը փորձեն ազգայինը վերածել ազգայնամոլութեան, իրենց դէմ կը կանգնի ՀՅԴ-ի ազգային գաղափարախօսութիւնը` հիմք ունենալով ազգերու ներդաշնակութիւնը, ինքնորոշման իրաւունքը եւ աշխարհիկութիւնը:

Հետեւաբար ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 128-ամեակի պատգամը պիտի ըլլայ վերադարձը արմատներուն: Ներքնապէս կանգուն պահելով Քրիստափորի, Ռոստոմի, Զաւարեանի, Գարեգին Խաժակի, Արշակ Ջամալեանի եւ շատ շատերու գաղափարաբանական վաստակը` վերանորոգել սեփական հարուստ գաղափարաբանական գանձը եւ ճկուն պահել այն բռունցքը, որ հայկական կեանքին մէջ յառաջդիմութիւն եւ մտային զարգացում կ՛արտադրէ. իսկ արտաքնապէս մեկնելով ՀՅԴ-ի ընկերային-տնտեսական առաջադրանքներէն` առաջնորդել հայ ժողովուրդի զրկուած տարրերու պայքարը եւ անոնց կեանքը մղել դէպի ընկերայնօրէն եւ տնտեսապէս աւելի արդար ընթացք:

 

 

 

Որպէսզի Քանդուի Մենաշնորհային Համակարգը

$
0
0

ԱԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Ազգային Ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները կը հանդիսանան այն մարտահրաւէրը, որու ընդմէջէն Հայաստանի քաղաքացին պիտի վճռորոշէ իր թէ՛ սեփական եւ թէ հաւաքական կեանքի ուղղութիւնը։

Նման մարտահրաւէր, հասկնալի բայց անընդունելի պատճառներով, զլացուած էր պոլշեւիկեան ամբողջատիրական կարգերու տակ, ուր քաղաքացիին կը պարտադրուէր առանց այլընտրանքներու միակողմանի ընտրութիւն։ Այս ընտրական ձեւականութիւնը տասնամեակներու վրայ մեր ժողովուրդի մէջ արմատաւորեց այնպիսի քաղաքական մշակոյթ, որ քաղաքացիին մղեց անտարբերութեան եւ անհոգութեան՝ սեփական քուէի արժէքին նկատմամբ։

Վերանկախացած հայրենիքի քաղաքացին վստահաբար պատրաստ էր քանդելու անցեալէն պարտադրուող քաղաքական այս յոռի մշակոյթը։ Սակայն, ինչպէս անցնող 27 տարիները կը հաստատեն, հայրենիքի մէջ ղեկավարութիւն ձեռք բերող իշխող խաւերը ոչ միայն պատրաստ չեղան ձերբազատուելու իշխանութիւնը պահելու սիրոյն մենատիրական մտածելակերպէն, այլեւ ապաւինեցան սեփական ընտրութիւնը երաշխաւորող յաւելեալ լծակներու առաջացման։

Այսպէս, զուգահեռաբար զարգացաւ զիրար ամբողջացնող քաղաքական ու տնտեսական մենաշնորհային համակարգը, որ իր գիշատիչ ճիրաններուն մէջ առաւ հայ քաղաքացիին ազատ եւ անկաշկանդ ընտրութիւն կատարելու ոչ թէ իրաւունքը, այլ կարողութիւնն ու կամքը։ Իրաւունքը վերածուեցաւ անհետեւանք ձեւականութեան, իսկ քաղաքացիին կամարտայայտութիւնը՝ իշխանական պարտադրանքի։

Այսպիսի պայմաններու տակ, հայ քաղաքացին կրկին անգամ վերադարձաւ սեփական ու հաւաքական ճակատագիրը տնօրինելու իր սահմանադրական իրաւունքի ոտնահարման։ Բայց այս անգամ, իշխող համակարգը այդ իրաւունքը ականահարեց խուճապային մթնոլորտի մէջ սարքովի ընտրութիւններով, ուր քաղաքացին իր ընտրութիւնը կատարեց յուսահատութեան մտայնութեամբ եւ անզօրութեան հոգեվիճակով։

Մայիսեան յեղափոխիչ շարժումը դրական տեղաշարժ կատարեց՝  ի խնդիր քաղաքացիի յուսահատականութեան վերացման եւ անզօրութեան զգացումի փարատման։ Այս շարժման ժողովրդային տրամադրութիւնը ցարդ չէ կարողացած ինքզինք պարտադրող մենաշնորհային համակարգը արմատախիլ ընելու իր առաջադրանքը՝ իբրեւ հետեւանք իշխանութիւնը պահպանելու ձգտող նորելուկ ուժերու եւ համակարգի հնամեայ պարագլուխներու միջեւ ,հասկացողութիւններուե նոր դասաւորով։ Սակայն, իր սեփական կամքով ճակատագիր վճռորոշելու քաղաքացիին տրամադրութիւնը կը մնայ վառ։

Արտահերթ ընտրութիւնները պիտի հանդիսանան հայ քաղաքացիի այս վառ կամքին կոփման ու արտայայտման հնոցը, ուրկէ պիտի ժայթքեն մենաշնորհեալ համակարգի ներկայացուցիչներու տապալման կայծերը, ազգային հպարտութեան բոցերը, հաւաքական վճռակամութեան շանթերը, եւ հայրենիքն ու ժողովուրդը ճիշդ հունաւորելու անշէջ կրակը։

Այս բոլորը հայ քաղաքացին կրնայ ընել եւ պիտի ընէ միայն իր ազատ կամքով, ազատ դատողութեամբ եւ ազատ որոշումով, որպէսզի մեր երկիրն ու անոր ապագան պատկանի միայն իրեն, եւ որպէսզի ընտրուած իշխանաւորները ըլլան արժանի առաջնորդներ, եւ մանաւանդ ըլլան ժողովուրդին իսկապէս համարատու ընտրեալներ։

Վերանկախացումէն ասդին մենաշնորհեալ համակարգն էր, որ կը փոխէր ժողովուրդը՝ պարտադրելով իր իշխանական կամքը։ Այս ընտրութիւններուն ժողովուրդն է, որ պիտի փոխէ այդ համակարգը եւ վճռէ իր կամեցած եւ իրեն համարատու համակարգը։

Ճիշդ հոս կը կայանայ Մայիսեան յեղափոխիչ շարժումին յաջողութեան գրաւականը։ Այլապէս, ժողովուրդը կրկին պիտի պարտուի եւ համակարգը պիտի շարունակէ իր տիրապետութիւնը։

Այս ընտրութիւններուն հայ քաղաքացիին կամքի արտայայտութիւնը եւ ճիշդ կողմնորոշումը չեն կրնար կարող ասկէ աւելի յստակ ըլլալ։

Հետեւաբար, որոշումը կը պատկանի հայ քաղաքացիին, որու համար ներկայացուած այլընտրանքները յստակ են։

Եթէ հայ քաղաքացին կ՚ուզէ երկիրը վերադարձնել վերջին տասը տարիներու յոռետես եւ կաշկանդիչ իրավիճակին, այդ պարագային ան պէտք է քուէարկէ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան։

Եթէ հայ քաղաքացին կ՚ուզէ յառաջիկայ հինգ տարիներուն հանդուրժել շարունակութիւնը անցնող վեց ամիսներու վատթարացող սոցիալ-տնտեսականվիճակին, մշակութային ամայութեանը, ազգային արժէքներու տապալման՝ անատակ եւ խարխափող կառավարութեան մը ղեկավարութեամբ, այդ պարագային ան պէտք է քուէարկէ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած ,Իմ Քայլըե դաշինքին։

Եթէ հայ քաղաքացին կ՚ուզէ Ազգային Ժողովի մէջ պահել անկողմնացոյց եւ անկար պատգամաւորներ, այդ պարագային ան պէտք է քուէարկէ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան։

Բայց եթէ հայ քաղաքացին կ՚ուզէ իսկական յեղափոխութիւն եւ իշխող մենաշնորհային համակարգի քանդումը, որպէսզի հայրենիքը վերանուաճէ իր կայունութիւնը եւ ապահովութիւնը, իրագործէ իրեն արժանի տնտեսական բարգաւաճումը, վերահաստատէ իր սոցիալական ու մշակութային վերելքը, եւ պահպանէ հայրենի հողն ու ազգային արժէքները, այդ պարագային հայ քաղաքացին պէ՛տք է քուէարկէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։

Այսօր իրականութիւնը այն է, որ ,Իմ Քայլըե դաշինքը երկիրը առաջնորդելու անկարող է, եւ ան փաստեց իր անկարողութիւնը։

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը տալիք ոչինչ ունի երկրին, բացի իր հնամաշ տրամադրութիւններէն։

Իսկ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը անտեսիլ եւ անատակ է երկիրը ղեկավարելու եւ ժողովուրդը առաջնորդելու։

Քաղաքական այս երեք ուժերը միասնաբար առած կը ներկայացնեն մենաշնորհային համակարգի այն բոլոր ուժերը, որոնց վերջնական վերացման ժամանակը արդէն ուշացած է։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ունի յստակ գաղափար եւ տեսլական երկրի ու քաղաքացիի բարելաւման համար։ Ան ունի համապատասխան ծրագիր եւ զայն կիրարկելու մարդուժ, միտք ու կամք։ Եւ աւելին, Դաշնակցութիւնը այն միակ քաղաքական ուժն է, որ կարող է քանդել մեր երկրին պատուհաս դարձած մենաշնորհային համակարգը։

Այս ընտրութիւններուն, երկիրը պէտք է փրկել մենաշնորհեալ համակարգըէն։ Եւ հայ քաղաքացին կարող այդ ընել միայն իր ազատ կամքով եւ ճիշդ կողմնորոշումով։

Լոս Անճելըս
Դեկտեմբեր 6, 2018

 

7 Դեկտեմբերի Երկրաշարժի 30-Ամեակ. Գիտե՞ս` Ի՛նչ Կը Նշանակէ Փլատակներուն Տակէն Ձայներ Լսել Ու Անզօր Ըլլալ Անոնց Հասնելու Ու Կեանք Փրկելու

$
0
0

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Նստած է դիմացս… աչքերը կ՛ուղղէ մերթ առաստաղին, մերթ ուղղակի աչքերուս…

– Աղջի՛կս, կեանքը առաջին անգամ չէ, որ այսպիսի մարտահրաւէր կը կարդայ մեզի, այս քննութենէն առաջին անգամ չէ, որ կ՛անցնինք մենք. մենք նաեւ մեր պապերուն ճամբով մեր դասը շատ լաւ սորված ենք, հմուտն ու մասնագէտը դարձած ենք այս բնագաւառին…

Կը լռէ պահ մը, կը մօտենայ ինծի, ձեռքս կ՛առնէ ձեռքերուն մէջ ու կը շարունակէ.

– Գիտե՛ս արդէն, որ իմ ծնողքս հայրենադարձութեան ատեն Պէյրութէն Հայաստան եկան, իսկ կարճ ժամանակաշրջան մը մայրաքաղաք մնալէ ետք փոխադրուեցանք Վանաձոր, որ այդ օրերուն Կիրովական կը կոչուէր: Արդէն հասկնալի պէտք է ըլլայ քեզի, թէ ի՛նչ կ՛ուզէի ըսել, որ այս փորձառութիւնը առաջինը չէր մեզի համար: Մահուան դէմ պայքարը երեք յաջորդական անգամներ մղած ենք մենք` տարբեր ժամանակներու, տարբեր պայմաններու տակ, տարբեր տարողութեամբ եւ տարբեր ձեւերով: Տէր Զօրի անապատներուն հողը եւ իրենց սիրելիներուն արեան հոտը իրենց հետ շալկած, ցաւին ու արհաւիրքի ամէնէն ահաւորը կրած մեր պապուկներուն համար եւս կեանքը արդէն աւարտած էր. թերեւս աներեւակայելի ու անհաւատալի կը թուէր շատերուն, մանաւանդ` Հայոց ցեղասպանութեան ու անոր սարսափին քաջատեղեակ մարդոց, որ այդ բոլորը տեսած մարդիկ կրնան վերապրիլ, իսկ վերապրելէ ետք` շարունակել ուղին, կրկին կերտել, կրկին շինել, կրկին հաւատալ ու հաւատք սփռել: Ես անապատէն եկած պատմութիւնը այս ականջներով լսած եմ, աղջի՛կս, այս աչքերով տեսած եմ արցունքին գլորումը մեր մեծ հայրերուն ու մայրերուն այտն ի վար…

Ցոյց կու տայ ականջները եւ աչքերը: Կը լռէ պահ մը` մէկ ձեռքով ականջը, իսկ միւսով աչքերը ծածկելով: Չեմ խօսիր, թէեւ կ՛ուզեմ գրկել զինք, սակայն զգալով, որ կրնամ իրեն մեղքցած ըլլալ, իսկոյն ինքզինք կը վերագտնէ, կը փորձէ ծածկել արցունքները, չի նայիր ինծի, այլ… իր մեծ հօր ու մեծ մօր…

– Այս բոլորը պատմելէ ետք, սակայն, իրենք կը սրբէին իրենց արցունքները եւ կ՛ուսուցանէին վերապրում, ոչ մէկ ձեւով կ՛ընդունէին, որ մէկը թերաւարտ մնայ այս մասնագիտութեան մէջ. աւելի՛ն, անոնք համալսարանական մակարդակի կը հասցնէին այս դասընթացքը: Աղջի՛կս, իրենք ցաւէն ուժ առած էին, մեր նահատակներուն կորովով ամրապնդուած էին, սերունդէ սերունդ փոխանցուեցաւ այդ կորովը, բայց թերեւս անոր տարողութիւնը քիչ մը նուազեցաւ, որովհետեւ անապատէն եկած հողը չմնաց` կ՛երեւի… չեմ գիտեր: Յաղթահարեցինք առաջինը, ամէնէն դաժանը` վստահաբար, վերապրեցանք, վերածաղկեցանք, ճիւղաւորուեցանք, մենք մեզ գտանք եւ սկսանք հայրենիքի սրբազան երազներ փայփայել: Չկայ սփիւռքահայ մը, որ այդ երազով օրօրուած չըլլայ: Սկսանք լսել շշուկներ, որ սփիւռքահայութիւնը Հայաստան պիտի տանին… ա՜խ Հայաստան, Հայաստա՛ն, աղջի՛կս, Հայաստա՜ն… Ամէն մարդ կը սպասէր իր ծնողներուն որոշումին, բոլորը կը մաղթէին, որ դրական ըլլայ անոնց տրամադրութիւնը, եւ իրենք Հայաստանը տեսնէին, անոր անուշ ջուրը խմէին եւ շնչէին օդը` հայրենի օդը…

Կանգ կ՛առնէ պահ մը, այս անգամ նաւուն վրայ է` կարծէք, կը հեռանայ պահ մը, ապա կրկին ինծի հետ է, նաեւ կան իր ծնողները…

– Եկանք, նաւով բերին մեզ, Հայաստան բերին, նաւէն իջանք, ծունկի եկանք, հայրենի հողը համբուրեցինք, լացինք… Այդ պահուն չգիտցանք, որ մեր կամքով ու ներքին մղումով մեր ծունկի գալը տեսած խորհրդային կարգերու ղեկավարներն ու գործավարները պիտի փորձեն յաւերժ մեզ ծունկի բերել եւ յաւիտեան լացնել: Դիւրին չէր հայրենիք գալը, աժան չէր հայրենի հողին վրայ կանգնելու եւ օդը շնչելու գինը, որովհետեւ անոնք բռնագրաւուած էին, հայրենիքը կ՛ուզէր մեզ իր գիրկը առնել, բայց կ՛արգիլէին անոր, կը հարուածէին զայն… եւ մեզ… Սփիւռքի մեր հարազատները մեզմէ` երանելիներէս, նամակներ կը սպասէին, կը գրէինք անոնց` ծածկագիր լեզուով եւ կը հասկցնէինք, որ հոս գիշերները մութ եւ երկար են, իսկ ցերեկները` նոյնքան մութ ու ցուրտ… Անցաւ, այդ ալ անցաւ, նորէն դիմացանք, բնականաբար այս մէկը չես կրնար թուրքին ըրածին հետ բաղդատել, բայց քեզի այս բոլորը կը պատմեմ, որպէսզի տեսնես հայուն վերապրելու եւ մահուան դէմ անվերջ պայքար մղելու կամքը: Առաջին երկու մարտահրաւէրները մարդոց կողմէ ուղղուած էին մեզի, երրորդը` բնութեան: Եւ նոյն բնութիւնը, որ մեզ հարուածեց, նաեւ կամքը պիտի տար դիմանալու:

Շունչ կը քաշէ, խո՜ր շունչ, կը նստի կողքիս եւ կը նայի ինծի.

– Այսօրուան պէս կը յիշեմ դեկտեմբեր եօթն, անիկա անջնջելի կերպով փորագրուած է մտքիս ու սրտիս մէջ: Բնական օր մըն էր, սովորական առաւօտ մը, սակայն սովորական չէր անոր աւարտը: Մեր մեծերը կ՛ըսէին` երկար-բարակ ծրագիրներ մի՛ մշակէք, շատ մի՛ յոգնեցնէք դուք ձեզ, կեանքը եւ օրերը իրենց հետ կը բերեն այն, ինչ որ պիտի բերեն արդէն, նոյնիսկ եթէ դուք հակառակը ուզած էք եւ` անոր համար աշխատած:

Կը փոքրանան աչքերը, կը խոժոռի դէմքը. կարծէք` կ՛ուզէ հեռուները նայիլ եւ շատ բան տեսնել.

– Զօրաւոր էր ցնցումը եւ անսպասելի… Հոս դեռ քիչ մը աւելի լաւ է` Գիւմրիի հետ բաղդատած, հոն… վա՜յ, վա՜յ… գետինը մարդ կուլ տուաւ: Աշխատանքի մէջ էինք, երբ երկրաշարժը ցնցեց մեզ եւ շէնքը ամբողջութեամբ, ոչ ոք գիտցաւ, թէ ի՛նչ կը պատահի, ցնցումին հետ ուժգին ձայներ կը լսուէին, շէնքեր փուլ կու գային, կիներ կը ճչային, մանուկներ կու լային, մարդիկ  կը գոռային… Ա՜խ, ա՜խ…

Կ՛արցունքոտին աչքերը, ա՛լ չի կրնար պահել զանոնք: Չեմ ուզեր պատճառ ըլլալ անոր տխրութեան ու ցաւի վերանորոգման, մէջէս քաղաքավարութիւն մը կ՛ուզէ անոր ըսել, որ դադրի պատմելէ, որ չեմ ուզեր հարցումիս պատասխանը ստանալ, բայց նոյն ատեն բան մը կը կապէ լեզուս, կ՛ուզեմ, որ կիսով ալեհեր հարազատս շարունակէ իր պատմութիւնը.

– Գիտե՞ս` ի՛նչ կը նշանակէ փլատակներուն տակէն ձայներ լսել ու չունենալ ուժը այդ քարակոյտերը մէկդի նետելու եւ մարդ ազատելու, գիտե՞ս… Գիտե՞ս` ի՛նչ կը նշանակէ դիակներով շրջապատուած ըլլալ եւ մտածել, որ անոնց մէջէն քու զաւկիդ վախով ուրուագծուած դէմքով դիակը կրնայ «ողջունել» քեզ, գիտե՞ս…

Կարծես` կ՛այպանէ զիս, կ՛այպանէ աշխարհը, բնութիւնն ու զիս, որ հարցապնդած էի զինք. «Քեռի՛, երկրաշարժէն ի՞նչ կը յիշես»:

Յանկարծ կը մօտենայ ու կը գրկէ զիս.

– Գիտե՞ս նաեւ, որ մարդ որքա՛ն շնորհակալ պէտք է ըլլայ աշխարհին, որ իր ամէնէն դաժան պայմաններուն մէջ իրեն օժանդակողներ ունեցած է, դուն անոնց հոտը ունիս, անոնց արմատներէն ես…

Կը սեղմէ զիս կուրծքին, կը սկսի արտասուել, նաեւ` ես…

– Դեռ մենք լաւ ենք, աղջի՛կս,- կը շարունակէ ան` քիչ մը հեռանալով,- մենք զաւակ չկորսնցուցինք, մեզի միայն նիւթական վնաս հասաւ. այո՛, սիրելիներ կորսնցուցինք, բարեկամներ, բայց Աստուած խնայեց մեզի զաւկի կորուստը, այդ ցաւը տարբեր է, տարբե՜ր… Բայց ահաւոր օրեր ապրեցանք, անտուն, անօթի, անպատսպար, բայց դասը սորված էինք, չէ՞, հին ու մնայուն կերպով նորոգուած դասը պէտք է յիշել միայն, որպէսզի կրկին ոտքի ելլես, նորէն շինես, կերտես, ապրիս ու ապրեցնես: Երեւանէն գալու ատեն ճամբուդ վրայ անցար արդէն երկրաշարժի հարուածը կրած շրջաններէն, տեսար, չէ՞, մարդիկ կրկին ոտքի են, շինած են, կերտած են, կ՛ապրին, վերջ ի վերջոյ հայ են, չէ՞… հա՛յ են… Օրին շատ ցուրտ էր, բայց  մարդիկ դեկտեմբերին, զերոյէ վար ջերմաստիճանին փողոցները մնացած էին, մանաւանդ` Գիւմրիի մէջ, հոն ամէն ինչ փլատակ եղած էր, գացի նայելու, գացի իմ բարեկամներուս եւ հարազատներուս մասին տեղեկութիւն առնելու, գացի անոնց մահը ողբալու, գացի ու տեսայ, այս աչքերովս տեսայ եւ այս ականջներովս լսեցի… ողբ, ցաւ, ճիչ, տնքոց… պատմելու բան չէ, աղջի՛կս, պատմելու բան չէ… Կարեւորը` այսօր տուն ունի ամէն մարդ, ցուրտին փողոցը չենք, թաղած ենք մեռելները, ծածկած ենք վէրքը` բարակ վիրակապով, որովհետեւ չենք ուզեր անոր անհետացումն ու ամբողջական սպիացումը, կարծես ան մեր կորսնցուցած սիրելիներուն յիշատակն է, զոր կը կրենք մեզի հետ… անապատէն եկած փոշիին ու նահատակներու արեան հոտին նման, իւրաքանչիւրը իւրաքանչիւր հանգրուանի կորով կու տայ ապրելու, հաւատալու` աւելի լաւ ապագայի եւ պայքարելու: Դասը անգիր ըրած ենք եւ երեք անգամ ալ` աստուածային քննութեան ներկայացած:

Կը լռէ, ա՛լ չի խօսիր քեռիս…

Վանաձոր ապրող Սահակ քեռիս է` մօրս հօրեղբօրորդին, որ մեր առաջին տեսակցութեան խնդրեց, որ զինք քեռի կոչեմ:

Սահակ քեռին պատմեց, լացաւ ու պատգամեց…

Հրաժեշտի պահուն ջերմօրէն գրկեց ու խնդրեց, որ երբ կրկին Հայաստան գամ, նորէն իրեն այցելեմ…

– Կը սպասեմ, – ըսաւ ու կրկին գրկեց արցունքոտ աչքերով` կարծեմ գիտնալով, որ կրկին պիտի չհանդիպինք…

Չսպասեց Սահակ քեռին, բայց իմ հարցումիս պատասխանելով` ան իր «մասնագիտութենէն» բաւական լաւ դաս մը տուաւ… եւ իսկական մարդու կերպարով փորագրուեցաւ մտքիս ու սրտիս խորը…

Շատ լսած էի վանաձորցի մեր ազգականներուն մասին, անոնցմէ եկած նամակները կը կարդային մեծերը, իսկ ես խաղացած ատենս ականջ կու տայի անոնց եւ կը լսէի ընտանիքիս զրոյցները անոնց մասին` միշտ դրական, գուրգուրանքով ու սիրով լեցուն: Հաւանաբար այդ պատճառով է, որ լուռ, բայց խոր սէր մը կար երկրաշարժի ականատես եղած մեր այդ ազգականներուն նկատմամբ, մանաւանդ որ 7 դեկտեմբերի երկրաշարժը շատ մեծ ցնցում յառաջացուցած էր մէջս: Անկարելի է մոռնամ այդ օրը, պատկերասփիւռին դիմաց գամուած  պատանիներս, դաժան պատկերները տեսնելով, մանուկներուն կապտած ձեռքերուն դողը նկատելով` անոնց հետ մե՛նք ալ դողացինք ու լացինք, մինչ ռումբերը կը հարուածէին Պէյրութն ու շրջակայքը: Պահ մը մոռցանք մեր մտահոգութիւնն ու վախը, նայեցանք իրարու եւ չկրցանք խօսիլ, սակայն բոլորին աչքերուն մէջ արցունք կար, ցաւ կար, կարեկցանք կար` հանդէպ մեր եղբայրներուն, որոնք ձիւնի կոյտերուն վրայ «կը հանգչէին»` անկարող ոտքի ելլելու, մայրեր իրենց արցունքներու տաքութեամբ կը փորձէին ջերմացնել իրենց ողջ մնացած զաւակներուն մսած ձեռքերն ու շրթները, ուրիշներ իրենց անշնչացած որդիներուն շունչ ու կեանք տալու պայքարի մէջ էին:

Այդ պատկերները մտքիս ու սրտիս մէջ` առաջին առիթին ուզեցի երթալ եւ փնտռել վանաձորցի ազգականներս, մօրս հարազատները: Վախ կար մէջս ու անձկութիւն… պիտի երթայի հոն, փլատակներուն վայրը, ահաւոր աղէտի շրջանը, արդեօք ի՞նչ պիտի տեսնէի, իսկ Սահակ քեռիս ու ընտանիքը արդեօք ինչպէ՞ս պիտի դիմաւորէին զիս: Հազիւ Վանաձորի հրապարակ հասած` յուզումն ու ուրախութիւնը միաձուլուեցան մէջս, փլատակներ չկային, մարդիկ սովորական կեանք կ՛ապրէին, երկրաշարժը ահաւոր տխրութիւն փորագրած էր անոնց սրտերուն մէջ եւ դէմքերուն վրայ, բայց կեանքը կը շարունակուէր: Իսկ Սահակ քեռին… այսօրուան նման կը յիշեմ, քիչ մը զառիվերի վրայ կը գտնուէր անոնց տունը, զոր գտանք քիչ մը փնտռտուքէ ետք… Մինչ քիչ մը դանդաղ կը բարձրանայինք, երեւցաւ ան` իր եղբօրը հետ, դրան առջեւ կանգնած էր ու այնքան մեծ սիրով եւ կարօտով կը նայէր իմ կողմս…

Սահակ քեռի՛, պիտի չմոռնամ որքա՜ն ջերմութեամբ գրկեցիր զիս, որքա՜ն երկար լացինք, որքա՜ն մեծ սէր կար այդ պահուն մոլորակի կէտին վրայ, ուր կանգնած էինք երկուքս, նաեւ մեր շուրջը` մեծ մօրս, մօրս եւ քու Լիբանանի հարազատներուդ սէրը բերած էի ինծի հետ, իսկ դուն` հայրենադարձութեան դաժան փորձառութիւնն ու երկրաշարժի տառապանքը ապրած, սակայն կրկին վերապրած, տակաւին մեծ սիրով ու գուրգուրանքով լեցուն մարդուն տիպարը եղար ինծի համար…

 

 

Բոլոր Ժամանակներու Հայ Ազգային Քաղաքական Հանգանակին Խտացումը` Դաշնակցականութիւնը

$
0
0

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Յաճախ հարց կը տրուի եւ` արդարացիօրէն, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը գաղափարական ո՞ր դպրոցը դաւանող քաղաքական կուսակցութիւն է, եւ բնականաբար, մեկնելով 128 տարուան պատմական ընթացքէն եւ յեղափոխական պայքարի բովէն, հարցադրումին կը տրուին հետեւեալ պատասխանները. Դաշնակցութիւնը ընկերվարական կուսակցութիւն է, Դաշնակցութիւնը ազգային-ազատագրական պայքարի կուսակցութիւնն է, Դաշնակցութիւնը ընկերային արդարութեան ջատագով կուսակցութիւնն է հայութեան մէջ, Դաշնակցութիւնը էապէս ազգային կուսակցութիւնն է…

Իր դաւանած արժէքներով, էութեամբ, 128-ամեայ աւանդներով ՀՅ Դաշնակցութիւնը ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական կուսակցութիւն է, որուն անդամները ուխտած են պաշտպանը հանդիսանալ հայութեան բովանդակ իրաւունքներուն, անոնք ըլլան ազգային, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, մշակութային թէ հոգեւոր: Բայց Դաշնակցութիւնը զուտ ընկերվար-ժողովրդավարական, ազգայնական կամ յեղափոխական կուսակցութիւն չէ: Դաշնակցութիւնը այս բոլորին համադրումն է, եւ այս համադրումէն ծնունդ առած է նոր որակի գաղափարախօսական ուղղութիւն, որ պայմանականօրէն կարելի է կոչել դաշնակցականութիւն:

Զարմանալի չէ, որ երբ աղբիւրներ կը կարդանք ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան ակունքներուն մասին, այդ աղբիւրները մեզի յղում կը կատարեն 1890-էն առաջ հայ ազգային-քաղաքական մտքին մէջ տիրած եռուզեռին` հասնելով մինչեւ ազգային միտքի ձեւաւորման առաջին նախաքայլերը եւ հայութեան արեւելահայ թէ արեւմտահայ հատուածներուն մէջ ազգային զարթօնքի շարժումները, որոնք կրելով հանդերձ այդ ժամանակահատուածի եւրոպական եւ ռուսական յառաջդիմական մտածողութեան ազդեցութիւնը, այսուհանդերձ, թելադրուած էին հայ անկախ ազգային մտածողութիւն ունենալու անհրաժեշտութենէն: Մեր աչքին առջեւ կու գան 19-րդ դարու հայ ազգային մտածողութեան մեծ դէմքերը արեւմտահայ եւ արեւելահայ հատուածներուն մէջ` արեւմտահայ գրողներու ամբողջ հոյլը, Խաչատուր Աբովեան, Միքայէլ Նալբանդեան, Րաֆֆի: Անոնք հիմքը դրին հայ ազգային ինքնուրոյն մտածողութեան, որ անպայմանօրէն իր ուղին պէտք էր հարթէր դէպի գործնականացում` կազմակերպական շրջանակներու միջոցով, որոնք դրսեւորուեցան օսմանեան բռնատիրութեան դէմ հայութեան ազգային-ազատագրութեան պայքարը յառաջ մղելու կոչուած կազմակերպութիւններուն ընդմէջէն:

Գաղափարախօսութեան ձեւաւորման յաջորդ փուլը արդէն բուն ժամանակակիցներու գաղափարներուն ու միտքերուն փուլն է` Խրիմեան Հայրիկէն սկսեալ մինչեւ հայկական յեղափոխութեան ռահվիրաներուն մտաւոր արտադրանքը եւ հայկական պետականութեան վերականգնումէն ետք այդ պետականութեան առաջին այրերուն ձգած հսկայական ժառանգութիւնը:

Հայ ազգային ինքնուրոյն մտածողութեան ձեւաւորման այս նախակարապետներուն եւ Դաշնակցութեան առաջին սերունդներուն կատարած աշխատանքը անգնահատելի է զանազան առումներով: Մտածողութեան մակարդակին վրայ անոնք նախ թօթափեցին ազգային առումով ուրիշին ենթակայ ըլլալու բարդոյթը, ապա ազգովին թեւակոխեցինք ուրիշ կարեւոր փուլ մը, որուն ընթացքին, անկախ դասակարգային բաժանումէն, հայութիւնը կամաց-կամաց կրօնական համայնքներու կարգավիճակէն սկսաւ դուրս ելլել եւ ինքզինք գիտակցիլ իբրեւ ազգ, որ ունի իր առանձնայատկութիւնները, եւ այս առանձնայատկութիւններուն պահպանումով ու զարգացումով է, որ ան կը նպաստէ նաեւ մարդկային մեծ քաղաքակրթութեան հարստացման: Բայց հոս չի վերջանար հայ ազգային մտածողութեան ձեռքբերումներու շարքը: Որակական անցումը կատարուեցաւ այն ժամանակ, երբ հայկական յեղափոխութեան բովին մէջ, իսկ անկէ ետք` ազգային մեծ աղէտէն դուրս ելլելու մեծ ճիգին մէջ, արդէն ազգ դարձած հայութիւնը մտածեց իր գոյութիւնը յաւերժացնելու համար մնայուն երաշխիք մը ունենալու մասին, որ այս պարագային ուրիշ բան մը չէր, եթէ ոչ` հայ ազգային անկախ պետականութեան վերականգնումը եւ հայոց հայրենիքի ուրուագծումը հայ մարդոց միտքերուն մէջ: Ասիկա է ուրեմն հայ ազգային քաղաքական միտքի հանգանակը, եթէ կ՛ուզէք, այսպէս կոչուած, հայ ազգային գաղափարախօսութիւնը` իր սեղմ գիծերով, որոնց խտացումը արտացոլուած է Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան, իմա՛ դաշնակցականութեան մէջ: Այն, որ ունենանք անկախ հայրենիք, այդ անկախ հայրենիքին մէջ հայ ազգը ազատօրէն ինքզինք դրսեւորէ ստեղծագործ աշխատանքի ընդմէջէն, հայութեան աշխարհասփիւռ զաւակները իրենց վերջնական կայքը գտնեն այդ կտոր մը հողին վրայ, բայց նաեւ ձգտին ամբողջացնելու այդ հայրենիքը` պատմական արդարութիւնը վերահաստատելով:

Ահաւասիկ կարճ տողերու մէջ ուրեմն փորձեցինք ներկայացնել, թէ ի՛նչ է հայ ազգային հանգանակը, որ կը կազմէ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան հիմքը, եւ այս հիմքին վրայ է, որ խարսխուած է դաշնակցականութեան յեղափոխականութիւնը, որ մնայուն շարժիչ ուժ է հայ ազգային իրաւունքները վերստանձնելու ճամբուն վրայ: Անշուշտ այս բոլորին մէջ պէտք չէ մոռնալ երբեք ընկերային արդարութեան համար պայքարի գաղափարը, որովհետեւ ազգային-ազատագրութեան գաղափարը, նաեւ ազգային պետականութեան ամրապնդումն ու հզօրացումը, միեւնոյն ժամանակ ալ ընկերային ու տնտեսական ազատագրումի պայքարը իրարու ոչ թէ հակասող գաղափարներ են, այլ` զիրար փոխլրացնող: Կը մնայ սակայն, որ իր հիմնադրութենէն 128 տարի ետք, ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր գաղափարախօսութեան ընդմէջէն նորովի վերլուծման ենթարկէ ներկայիս հայութեան ապրած առարկայական եւ ենթակայական պայմանները եւ իր ընելիքը որոշէ դաշնակցականութեան յեղափոխականութիւնը` հայ ազգային յեղափոխական մտածողութիւնը յառաջ մղելու առումով, համահունչ` 21-րդ դարու պահանջներուն:

Տակաւին կարելի է երկար, բաւական երկար խօսիլ դաշնակցականութեան մասին: Անոր մէջ խտացուած են 128 տարիներէ ի վեր դաշնակցական միտքին ծնունդ տուած ամբողջ մտաւորական, գաղափարախօսական, տեսաբանական արտադրանքը, նաեւ` դաշնակցական բարոյական արժէքներու անգիր ժառանգութիւնը: Քիչ բան չէ երբեք այն, որուն ժառանգորդներն ենք մենք այսօր: Գաղափարական այս ժառանգութեան վրայ պէտք է գուրգուրալ, բայց նաեւ` փոշին առնել անոր վրայէն, թոյլ չտալ, որ կուլ երթայ կարգախօսային ժամանակաւոր ու անցողիկ տրամադրութիւններուն, բայց մանաւանդ կեանքի պէտք է վերածել զայն, յեղափոխական մշտանորոգ ուղեցոյց դարձնել:

Ահաւասիկ ա՛յս է մեր գլխաւոր մարտահրաւէրը` ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 128-ին եւ անկէ ետք:

 

Խմբագրական. Այժմու Մարտահրաւէրը` Կասեցնել Կազմակերպ Կեանքէն Արտահոսքը (ՀՅԴ-ի Օրուան Առիթով)

$
0
0

Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնը ձեւականօրէն հաշուետուութեան օր չէ: Դաշնակցութեան համակիրը, որ հետեւողական ներկայութիւն կ՛ըլլայ տարին անգամ մը կազմակերպուող այս ձեռնարկին, ականատես կ՛ըլլայ ո՛չ միայն մէկ տարուան կտրուածքով Դաշնակցութեան իրականացուցած համահայկական, հայաստանեան, սփիւռքեան եւ լիբանանեան գործունէութեան հանրագումարի ներկայացման, այլ նաեւ այդ առիթով հանգամանաւորապէս հնչող ինքնաքննադատութեան: Փաստօրէն այն բոլոր բացթողումները, այն բոլոր թերի կողմերը, որոնք կը ներկայացուին ընդհանրապէս հայ եւ մասնաւորաբար այս պարագային լիբանանահայ համայնքի կեանքին մէջ, Դաշնակցութիւնը ինքզինք կը նկատէ պատասխանատու այդ երեւոյթներու յամեցումին մէջ:

Այդպէս չէ, որ Դաշնակցութիւնը ինքնաբաւարարուած կը զգայ զուտ իր նախաձեռնած աշխատանքներուն արդիւնաւորումով: Այս կուսակցութիւնը պատասխանատուութիւն կրելու գիտակցութիւնը կը ստանձնէ թէ՛ լիբանանահայ համայնքէն շարունակուող արտահոսքին, թէ՛ կրթական մարզին մէջ արձանագրուող բացթողումներուն: Պատասխանատուութեան բաժին կայ մանաւանդ երիտասարդ խաւի հայկական կազմակերպ կեանքէն հեռացումի երեւոյթին առարկայացման դիմաց:

Քաղաքական ընթացիկ տարին լիբանանահայութեան համար յատկանշուեցաւ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններով: Ընտրակարգի փոփոխութիւնը մէկ կողմէ կանխատեսելիութիւնը նուազագոյն մակարդակի կ՛իջեցնէր, կը ստեղծէր անորոշ արդիւնքներու ընդհանուր մթնոլորտ. միւս կողմէ` կար վճռակամութիւն, երեսփոխանական պլոքի իրողական վերականգնումի իրականանալի առաջադրանքի վերածելու եւ պահը յարմար նկատելու` այդ ոստումը կատարելու:

Լիբանանահայ համայնքի ընկերային, մշակութային եւ քաղաքական խճանկարի ճիշդ գնահատականը կատարելով` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ընտրարշաւային պայքարի սկզբունքներու առանցքը դարձուց լիբանանահայութեան կազմակերպ կեանքին մասնակից, առնչութիւն ունեցող տարրերու խորհրդարան անցումի անհրաժեշտութիւնը: Բացառելու համար ուրուագծուող այն նախադէպը, որ քաղաքացիական շարժումներու կամ լիբանանեան այս կամ այն կուսակցութեան ընտրացանկերու վրայ պարզապէս համայնքային պատկանելիութիւնը պետականօրէն արձանագրածը, հեռու` ագզային-հասարակական գործունէութենէ, յաւակնի ներկայացնելու համար լիբանանահայութիւնը:

Կը հաստատենք, որ երեսփոխանական պլոքի այսօրուան եռանդամ պատկերը  ճամբայ հարթեց պլոքի իրողական վերականգնումին: Եռանդամ պլոքն ու նախարարը այսօր նոր ձեւաչափ ապահոված են պետական խնդիրներու եւ օրակարգերու քննարկման եւ աշխատանքներու բաժանման ու հետապնդման եւ իրականացման առումով:

Սակայն, այլ ընտրաշրջաններու մէջ, զուտ լիբանանեան տարբեր շրջանակներու կողմէ առաջադրումները կամ ինքնաառաջադրումները եւ անոնց խորհրդարան մուտքը շեղում են ընդհանուր առաջադրանքէն:

Խնդիրը անշուշտ զուտ խորհրդարանական նման ներկայացուածութեան չի վերաբերիր: Կազմակերպ կեանքէ հեռացող անհատը, կամ ձեւով մը լիբանանահայ կեանքէն արտագաղթի երեւոյթը ձեւ ու մարմին կը ստանայ հետզհետէ: Դաշնակցութեան Լիբանանի կազմակերպութիւնը առաջադրանք ունի կազմակերպ կեանքէն արձանագրուող արտահոսքի կշռոյթները դանդաղեցնելու:

Այս առաջադրանքին կը ծառայեն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներշնչանքով, գործնական ապահովումով ու միջոցներու հայթայթումով գործող Հայ ինքնութեան ֆոնտերը: Հայ ուսանող, հայ ընտանիք, հայ երիտասարդ` կազմաւորումի, եւ ի վերջոյ կազմակերպ կեանքի թէ՛ մասնակցութեան եւ թէ՛ անոր կայացման նպաստող գործնական եղանակներն են` հեռանկարային եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող:

Այս երեւոյթին հետ անմիջականօրէն թէ անուղղակի կապուած են մնացեալ խնդիրները` կրթականէն մշակութային ու լեզուական, հոգեւորէն ազգային, մարզականէն ընկերային: Կազմակերպ կեանքի զարգացումին համար նախապայմանային նշանակութիւն ունի երիտասարդութիւնը: Հայ կեանքի կշռոյթներուն հետ բազկերակային տրոփումներով կապուած հայը:

Այդ հայու կերտման գործին է, որ տենդագին լծուած է ՀՅԴ Լիբանանի կազմակերպութիւնը:

Բանավիճային Մշակոյթի Էական Բաժինը

$
0
0

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Աւարտած է արդէն Հայաստանի Հանրապետութեան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւը։ Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացին պիտի ուղղուի դէպի ընտրատեղամաս եւ դէպի քուէատուփ կատարելու համար իր քաղաքացիական իրաւունքն ու պարտաւորութիւնը՝ ընտրելու համար զինք ներկայացնող խորհրդարանը։

Շուտով ձեւաւորուելիք խորհրդարանի բաղադրութեան, բաղադրատարրերու իւրայատկութեան եւ ընդհանրապէս զայն բաղկացնող ուժերու դաւանած աշխարհահայեացքին, գաղափարաբանութեան եւ քաղաքական դիրքորոշումներուն մասին այժմէն կանխատեսումնային պատկերացումներ փոխանցելը ճիշդ չէ։ Որքան ալ վիճակագրական տուեալներ ընդհանուր պատկերացումներ փոխանցեն, որքան ալ քաղաքական սթափ գնահատականը որոշակի պատկերացում տայ յստականալիք խորհրդարանի ձեւաւորման մասին, այսուհանդերձ կանխորոշման գործօնի բացարձակութեամբ պէտք չէ առաջնորդուիլ։ Ժողովրդավարական երկիրներու յարիր չեն բացարձակ կանխորոշումները ։ Ընտրութեան արդիւնքները ժողովրդավարական հասկացողութեամբ իսկ պէտք է ունենան որոշակիօրէն եւ իրենց չափով՝ յանկարծակիութեան գործօնի հնարաւորութիւնը։

Տրուած ըլլալով սակայն, որ աւարտած է նախընտրական քարոզարշաւը, կարգ մը դիտարկումնային արձանագրումներ կարելի է նշել։

Նախ անշուշտ պէտք չէ ժխտել, որ բանավիճային մշակոյթը թէկուզ ոչ ակնկալուած տարողութեամբ, այսուհանդերձ համարձակ քայլերով ինքզինք զգալի դարձուց հանրապետութեան մէջ։ Յատկապէս հեռուստաբանավիճային հաղորդումները նպաստեցին քաղաքացիի տեղեկացուածութեան աստիճանաչափի բարձրացման։ Հեռատեսիլի կայաններէն ետ չմնացին նաեւ ելեկտրոնային այն կայքերը ,որոնք համացանցային հեռատեսիլի դրոյթներ հաստատած էին որոշ ժամանակ առաջ եւ աշխուժօրէն քայլ պահեցին ընտրական մշակոյթի նորարար ոճի առարկայացման ընթացքին։

Բնականաբար թէ ՛ հեռատեսիլի  եւ թէ՛ կայքերու այս արտադրանքներու հասանելիութիւնները բազմապատկուեցան ընկերային ցանցերու միջոցով՝ ոչ միայն առաջին անգամ հետեւելու կարելիութեան ընձեռումով այլ վերադիտումներու առիթ տալով։ Այստեղ արդէն քաղաքացին կամ օգտատէրը կրաւորական հետեւողէն անցում կատարեց դէպի քննարկողի, տեսակէտ յայտնողի կարգավիճակ։

Լեզուակռիւը, հռետորական փոխհրաձգութիւնը շատ մը պարագաներու տիրական երեւոյթի վերածուեցաւ այս քննարկումներուն ընթացքին. Գաղափարականութիւնն ու ծրագրայնութիւնը յաճախ զիջեցան առաջին երեւոյթին։ Այսուհանդերձ նկատելի պարագաներու ինչպէս ներքին, ներհայաստանեան  հարցերու այնպէս նաեւ համահայկական գործընթացներու մասին բոլոր ուժերը հնարաւորութիւն ունեցան պարզաբանելու իրենց նախընտրական ծրագիրներուն մէջ ներառուած հիմնադրոյթները։

Եկամտահարկէն մինչեւ  հարկելու կամ չհարկելու համար աշխատավարձերու կամ շահոյթներու շեմերու ճշդումի պահանջներ, ներդրումային դաշտի կայացման համար տարբեր պատկերացումներ, կրթակարգի վերաբերող խնդիրներ, առողջապահութեան, թոշակի եւ քաղաքացիի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ միջոցառումներ՝ կազմեցին ներհայաստանեան խնդիրներու արծարծման առանցքները։ Մինչ արցախեան հակամարտութեան, պաշտպանութեան խնդիրներու ՀԱՊԿ-ի ՆԱԹՕ-ի եւ ԵՄ-ի, ինչպէս նաեւ ՌԴ-ի, Իրանի եւ ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններու ելեւէջները արտաքին քաղաքականութեան այն գերակայ ուղղութիւններն էին, որոնց շուրջ ընթացան թէժ բանավէճերը։

Ժողովրդավարական կարգերու աւանդութիւն կերտած երկիրներու պարագային բանավէճերուն առընթեր, անմիջականօրէն, գրեթէ ժամանակի իմաստով առընթեր տեղի կ՛ունենան մասնակցող ուժերու վարկանիշերու նոր գրանցումներ։ Այնտեղ տատանումները ակներեւ են եւ իւրաքանչիւր բանավէճ նկատելի ազդեցութիւն կ՛ունենայ տուեալ ուժի վարկանիշի բարձրացման կամ անկման վրայ։

Այստեղ է, որ քաղաքացիական տեղեկացուածութիւնն ու դատողութիւնը իբրեւ նախընտրական մշակոյթի կարեւոր բաղադրիչ անհրաժեշտ է, որ աշխատի նպատակային։ Եթէ զգալի ըլլայ մասնակցողի մը գաղափարաքաղաքական գերակայութիւնը իր մրցակիցին հանդէպ կամ յաւելեալ տեղեկացուածութիւնն ու պատրաստուածութիւնը, եւ երբ իբրեւ արդիւնք վարկանշային աստիճանաչափերու կտրուկ տատանումներ տեղի չեն ունենար, այդ կը նշանակէ կանխորոշման կարծրատիպի ամուր նստուածք։

Պարզ է միաժամանակ, որ ամէն ինչ հանգրուանային ու փուլային է. նաեւ՝ այս պարագային։ Բանավէճերը կ՛իմաստաւորուին եթէ յաջողին քանդել կարծրատիպերը, փոխուի ամէն գնով ընդդէմի համոզուածութեամբ դիրքորոշուելու մօտեցումը եւ հետզհետէ սկսին զանգուածայնանալ բանավէճերու առընթեր վարկանիշերու եւ  քարացած իրավիճակի փոփոխութեան միտումները։ Իսկ այդ վարկանիշերու բարձրացումն ու անկումը ժողովրդավարական հասկացողութեամբ եւ 21-րդ դարու տեղեկացուած քաղաքացիական հասարակարգի համարժէք՝ անմիջականօրէն առնչութիւն ունին կուսակցութիւններու, քաղաքական ուժերու ներկայացուցած հայեցակարգերու գաղափարակայնութեամբ եւ ծրագրայնութեամբ ելեւէջող նշաձողերուն հետ։

 

 

Հայ Կամաւորին Իղձը

$
0
0

ԱԶՆԻՒ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Տուր ինծի, Տէ՛ր, ուժն նուիրումի անհաշիւ,
Ըլլալ անանձնական, անսակարկ,
Ծառայելու ուժը, հաճոյքը ունենալ
Գործել անշահախնդիր ամրակուռ:

Տուր ինծի, Տէ՛ր, զօրութիւնը անսասան`
Օգնելու կարիքներուն բիւր-բիւրաւոր,
Ըլլալ համեստ, ըլլալ խոնարհ կամաւոր,
Հասնիլ հայ կարօտեալին անխտիր:

Տուր ինծի, Տէ՛ր, կարողութիւնը աշխատանքի`
Դաշտին մէջ զրկանքներու անսահման,
Ինքնաբուխ նուիրուածութեամբ աննկուն`
Գրկաբաց օգնել հաւատալով այդ գործին

Տուր ինծի, Տէ՛ր, սէրը նուիրումի անհատնում…

 

 


«Մարդ Էլ Կայ, Մա՛րդ Էլ»

$
0
0

ԳՕԳՕ ԿԱՐԱՊԵՏ

Մարդ արարածի նկարագրին վատագոյն դրսեւորումն է ուրիշին վնասելը, զիրար ցաւցնելը:

Շատ անգամ կը յիշուի, երբ բաղդատութեան կը դրուին անասունն ու մարդը, թէ միակ արարածը, միակ ապրող էակն է, որ կը ցաւցնէ իր նմանը, կը սպաննէ իր նմանը` զուտ հաճոյքի համար:

Իր մտքի զարգացման հոլովոյթին խաթարուած մէկ դիմագիծին որպէս դրսեւորում` մարդը կը սպաննէ, կը վնասէ` իր անձնական շահերէն մղուած. իր մոլորած ու աղաւաղուած եսը լաւագոյնս կրնայ դրսեւորուիլ ընկերային որեւէ խաւի պատկանող տնտեսական որեւէ վիճակի մէջ եղող կամ որեւէ մասնագիտութեան տէր մարդոց քով: Կրնաս ըլլալ քաղաքական դէմք կամ մեծահարուստ եւ քեզի համար յարմար տեսած գործելակերպովդ պատճառ ըլլալ հազարաւորներու խորտակման, անօթի, ծարաւ ու ռմբահարուած մահանալուն, հոգեմտաւորապէս, բարոյապէս քանդուելուն, կամ կրնաս ըլլալ համեստ աշխատաւոր մը եւ վնասես ուրիշին, պարզապէս որովհետեւ քեզի թուեցաւ, որ իրաւունք ունիս, կամ թէ` վնասելն է միակ ձեւը` դիմացինին պատգամդ հասցնելու կամ հակադարձելու:

Խաբուած իր անգիտակից եսէն` երբեմն մարդը կը կարծէ, որ ուրիշին վնասելը ի շահ իրեն է, մինչ իրաւ լաւ ըլլալը, մարդուն իրաւ շահիլը բոլորին լաւ ըլլալուն ու բոլորին համար շահաւէտ վիճակ ստեղծելուն մէջն է:

Եւ ահաւասիկ հանդէս կու գայ հանդէսներու առիթով միշտ ետեւ մնացող, քուլիսներու ետին գործող կամաւորը:

Եթէ մարդ արարածի նկարագիրի յոռեգոյն դրսեւորումն է ուրիշին վնասելը, նոյն այդ մարդու նկարագրի վսեմագոյն դրսեւորումն է ուրիշին օգնելը:

Զիրար չխաբենք: Ուրիշին օգնելը մեծապէս հոգեկան ու զգացական գոհունակութիւն կը պատճառէ օգնողին: Սակայն այդ անշահախնդիր ուժէն ու ժամանակէն եւ ընդհանրապէս կեանքէն ուրիշին տուողներուն շնորհիւ` կը փրկուին կեանքեր, կը սրբուին արցունքներ, կը ջերմանան սրտեր, կը չքանան մտահոգութիւններ, կը բուժուին վէրքեր, կը գծուին ժպիտներ:

Ի՜նչ լաւ է, որ կան կամաւորներ… Օրինակ` ԼՕԽ-ը:

 

 

 

Կամաւորը Եւ Կամաւոր Ծառայութիւնը

$
0
0

ԵՒՆԻԿԷ ՏՕԳՈՒԶԼԵԱՆ-ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

«Կամաւոր», բառացի նշանակութեամբ` կամքի, ցանկութեան համաձայն, յօժար կամքով աշխատող, ինքնայօժար, առանց հարկադրութեան, յօժարակամ, ոչ պարտադիր եւ նմանօրինակ հոմանիշներ: Եւ կամ` ազատակամ, ինքնակամ, անպարտադիր, անձնայօժար, անբռնազբօս, անբռնադատ, անհամոզելի, կամածին եւ կամովի:

Կամաւորութիւնը կամ կամաւոր աշխատանքը անշահախնդիր գործունէութիւն մըն է, որ կը կատարուի առանց վարձատրութեան: (Յաճախ վարձատրութիւնը կ՛ըլլայ բարոյական գնահատանք, դժբախտաբար երբեմն ալ` քննադատութիւն): Կամաւորութիւնը անհատին ազատ ցանկութիւնն է անվճար աշխատելու` բարելաւելու համար իր շրջապատին ընկերային, մշակութային եւ հասարակական պայմանները:

Կամաւորը պիտի ունենայ անշահախնդիր ծառայելու ներքին տրամադրութիւն, ունակութիւն` հասկնալու դիմացինին ապրումները եւ զանոնք գնահատելու պատրաստակամութիւնը, բարոյական արժէքներու բարձր գնահատանք եւ խմբային աշխատանքի յօժարակամութիւն: Կամաւոր աշխատանքը կարելիութիւն կը ստեղծէ սորվելու, նախասիրութիւններու դուռ բանալու, ուր կամաւորը կը յաջողի իր առաւելագոյնը մատուցանել: ԿԱՄԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՇԱՀԱԽՆԴԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔ Է:

Կամաւոր աշխատանքի պատմութիւնը կարելի է կարդալ մարդկային պատմութեան սկիզբէն, իսկ քրիստոնէութեան սկզբունքներէն վեհագոյնը գթասրտութեան պատուիրանն է` ԲԱՐԵԿԱՄԸ ՍԻՐԵԼ, որ իր գործնական արտայայտութեամբ քրիստոնէական կեանքի դրսեւորումն է:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն մեծ եղած է թիւը  կամաւորներուն, որոնք անշահախնդիր ծառայելու գաղափարը իբրեւ մարդկային արժանիք ընդունած են  եւ այդ աշխատանքի դիմաց ոչինչ ակնկալած:

Համաշխարհային մակարդակի վրայ մեծ տեղ կը գրաւեն կամաւորական կազմակերպութիւնները, որոնցմէ կարելի է յիշել «Կարմիր խաչը», «ՄԱԿ-ի կամաւորները» եւ տակաւին ցանկը շատ երկար է. իւրաքանչիւրը կը պարփակէ տասնեակ մը երկիրներ, որոնք հաւատացած են կամաւոր շարժումին եւ աշխատանքին:

Երկու մակարդակի աշխատանք պահանջող կամաւորական շարժումներ ու կազմակերպութիւններ կան:

Ա.- Մասնագիտական բնոյթի կամաւորական աշխատանք, որ հիմնուած է զուտ մասնագիտական գիտելիքներու վրայ:

Բ.- Ոչ մասնագիտական կամաւորական աշխատանք, որ աւելի լայն հասարակական բնոյթ ունի, ուր պարտադիր չեն մասնագիտական գիտելիքները: Հոն շեշտը կը դրուի աւելի մարդասիրական մղումով` ընկերութեան կենսական կարիքներուն հասնելու աշխատանքին վրայ:

Այս երկրորդ տեսակին կը պատկանի Օգնութեան խաչը:

Ժամանակի ընթացքին կամաւոր աշխատանքին նուիրուած անհատի կեանքին մէջ կը տեսնուին հետեւեալ փոփոխութիւնները. խմբային աշխատանքի գիտակցութիւն, գնահատուած ըլլալու բաւարարութիւն, իր ժամանակը արժեւորուած եւ բովանդակալից դարձած ըլլալու վստահութիւն, ինքնավստահութեան ձեռքբերում, որ կը հասցնէ սեփական գնահատման, նորովի գիտելիքներու եւ փորձառութեան ձեռքբերում, աշխատանքային հեռանկարներու բարելաւում, ընկերութեան մէջ անհատին ծառայութեանց կարեւորութիւնը եւ ընկերային շրջապատի ընդլայնում:

1910-ին կարիքը թելադրեց, որ հիմնուի կնոջական կազմակերպութիւն մը` Հայ օգնութեան միութեան անուան տակ, որ կը միտէր ուղղակի նպաստել  դիմացի անհատի կեանքին մէջ դրական փոփոխութիւններ բերելու` նայած անոր կեանքի պայմաններուն, բարելաւելու այդ պայմանները, ըստ կարիքի, օգնելու անօգնական կամ դժուար իրավիճակներու մէջ գտնուող անձերու եւ աւելի մեծ բանալով կարկինը` օգնելու շրջապատի ընդհանուր կարիքներուն:

1930-ին հիմը կը դրուէր Լիբանանի օգնութեան խաչին, երբ կարիքը կը զգացուէր հայ հասարակութեան մէկ կարեւոր բաժինին ձեռք մեկնելու, անոնց կարիքներուն գէթ մասամբ հասնելու եւ կեանքի աւելի լաւ պայմաններ ստեղծելու անոնց: Այդ օրերուն էր, որ հիմը կը դրուէր «Պնակ մը կերակուր»-ի հանգանակութեան, որովհետեւ իսկապէս պնակ մը կերակուրի կարիքը ունէր գաղթական հայ ժողովուրդի մէկ աչքառու հատուածը, որ տակաւին կ՛ապրէր քէմփերու եւ հիւղաւաններու մէջ:

Ճիշդ է, որ այսօր պատկերը մասամբ փոխուած է, սակայն մօտ 90 տարիներ ետք  տակաւին ունինք թշուառներ, խեղճ ընտանիքներ, որոնք իսկապէս կարիքը ունին «պնակ մը կերակուր»-ի: Դժբախտաբար չկարողացանք առաջքը առնել եւ պնակ մը կերակուրի պահանջը վերցնել մեր էջերէն: Անշուշտ հոս պէտք է նշել, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմները առաւել եւս եկան բազմացնելու թիւը կարիքաւորներուն: Ասոր գումարած հայ ծերունիները, որոնց մէկ տոկոսը իսկապէս անտէր են եւ զիրենք հոգացող չունին, իսկ մէկ մասն ալ, թէեւ ունին զաւակներ, սակայն կեանքի պայմանները եղած են այդպիսին, որ իրենց ծնողները մնացած են մասամբ անտէր, եւ որոնց համար դարձեալ պնակ մը կերակուրի կարիքը կը զգացուի: Հոս բարձր գնահատանքով պիտի յիշել «Տէկիրմէնճեան խոհանոցը» եւ անոր յոյժ գնահատելի «Պնակ մը կերակուր»-ի կամ սիրոյ սեղանի ծրագիրը:

Կամաւորներու օրուան առիթով ընկերութիւնը պարտի բարձր գնահատել կամաւորը: Շնորհաւորութի՛ւն Լիբանանի օգնութեան խաչուհիներուն: Պիտի չմոռնանք դասեր քաղել մեր նախնիներէն, պիտի քալենք անոնց ուղիէն` միշտ բարձր պահելով մարդկային արժանիքները, զանոնք ի գործ դնելով հասնելու կարիքաւորին եւ թշուառին:

Ձեր վարձքը կատար, սիրելի՛ խաչուհիներ: Վստահ ձեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ մեծ փոփոխութիւններ եղած են` ձեր կամաւոր աշխատանքին շնորհիւ:

Օգտագործուած աղբիւր` համացանց:

Կամաւոր Աշխատանքը Կ՛ազնուացնէ Մարդը

$
0
0

ԱՆԺԵԼ ՄԻՍԻՍԵԱՆ

Աշխատանքը մարդկային այն գործունէութիւնն է, որ կը ստեղծէ բարիք, այսինքն` այնպիսի արդիւնք, որով կը պայմանաւորուի ընկերային կեանքի յառաջդիմութիւնը:

Աշխատանքի դերը, քաղաքակրթութեան զարգացման առումով, այնքան մեծ եղած է, որ գիտնականներ մղուած են մտածելու, որ` բնութիւնը ինքնաբերաբար եղափոխած է անասուններու թէ մարդոց մարմինները` զանոնք պատշաճեցնելով տարբեր տեսակի աշխատանքներու: Անվերապահօրէն կրնանք ըսել, որ աշխատանքը սրբազան գործունէութիւն մըն է, ու անոր ստեղծած արդիւնքը իբրեւ բարիք կը բաշխուի աշխատողին անմիջական թէ լայն շրջապատին: Չկայ բարօրութիւն` առանց աշխատանքի, չկայ յառաջդիմութիւն` առանց աշխատանքի, չկայ զարգացում ու քաղաքակրթութիւն` առանց աշխատանքի: Պատահական չէ, որ մեր ժողովուրդը, նաեւ` այլ ժողովուրդներ, ստեղծած են բազմաթիւ առած-ասացուածքներ, որոնց մէջ կը փառաբանուի աշխատանքը: Ամէն աշխատանք արդար է, որ վարձատրուի: Հին դարերէն ի վեր վարձատրութեան տարբեր ձեւեր գոյութիւն ունեցած են: Այսօր մեծ մասամբ վարձատրութիւնը կը կատարուի դրամի միջոցով:

Բայց… երբ պահ մը դիտենք մեզ շրջապատող կեանքը, կը նկատենք, թէ որքա՜ն մարդիկ նուիրուած են կամաւոր աշխատանքներու. ի՞նչ բան կը մղէ զիրենք այդպէս ընելու. ես պիտի ըսեմ` խիղճը, այն խիղճը, որ մարդը կը բարձրացնէ դէպի Աստուած: Իսկապէս որ մարդ կը փորձէ սրբել արցունքները իրեն նմանող այլ մարդոց, երբ կը փորձէ կարիքաւորին միջոցներ հայթայթել, երբ նեցուկ կը կանգնի անկարին, ու ասիկա` առանց որեւէ ակնկալութեան, իր սրտի աղբիւրները շռայլօրէն բանալով այլոց վրայ, անոր միջոցով Աստուած է, որ կը գործէ: Կամաւոր աշխատողը տեսակ մը սուրբ մըն է, որ ի շարժ կը դնէ իր մէջ եղած գութի ու կարեկցանքի լծակները` թեթեւցնելու համար ընկերային դժբախտութիւնները:

Ինծի համար կամաւոր աշխատանքի ազնուագոյն ներկայացուցիչը Մայր Թերեզան էր, որ կը մնայ բոլոր ժամանակներու գերագոյն մայրը դժբախտներուն: Անոր կեանքը օրինակ պէտք է ծառայէ աշխարհի բոլոր մարդոց, որոնք իրենց փքուն ինքնագոհութեան մէջ ի վիճակի չեն տեսնելու զիրենք շրջապատող ընկերութեան դժուարութիւնները: Ի՞նչ կը մնայ մարդուն այս կեանքէն. յիշեցէք գոհունակ ժպիտը Մայր Թերեզային, որ կը ծաղկէր կնճիռներով անոր պատուած դէմքին վրայ: Բարութիւն յորդող սրտի մը աղբիւրներն կ՛ուրուագծուէր այդ ժպիտը, ու ա՛յն միայն մնաց այսօր, իր մահէն ետք:

Հայ իրականութիւնը եւս ունեցած է իր ազնուազարմ զաւակները, որոնք ի տես իրենց ժողովուրդի կեանքի դժուար պայմաններուն, յատկապէս` վերջին հարիւր տարիներու ընթացքին, ստեղծած են տարբեր բարեսիրական միութիւններ: Այդ միութիւններէն մէկն է ՀՕՄ-ը, որ իր մասնաճիւղերը ունի աշխարհի բոլոր հայահոծ համայնքներուն մէջ: Անիկա իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ մասնաւորաբար կամաւոր հիմունքներով աշխատող կիներու շնորհիւ: Ամէն տեղ են անոնք, հոն, ուր կարիք կայ, իսկ մարդկային կարիքները անսահման են:

ՀՕՄ-ի աշխատանքային ծիրը ընդլայնեցաւ, երբ Հայաստանը թօթափեց համայնավարութեան լուծը եւ դարձաւ անկախ: Այսօր ՀՕՄ-ը իր լայն գործունէութիւնը կը ծաւալէ նաեւ հայրենիքի մէջ, ուր ընկերային դժուարութիւնները կը մնան լուծելի առաջնահերթ հարց:

Տարիներ առաջ, երբ հայրենի իշխանութիւնները արգելք դրին ՀՕՄ-ի գործունէութեան վրայ, փականք դրուեցաւ նաեւ անոր պահեստներուն: Այդ օրերուն ՀՕՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի ատենապետն էր գրող, մտաւորական, ազնուական հայուհի մը` Ալվարդ Պետրոսեանը: Այդ շիտակ, համարձակ ու կորովի կինը, երբ առտուն եկաւ իր աշխատատեղին ու կարմիր մոմով փակուած գտաւ պահեստանոցը, առանց այլեւայլի` կոտրեց փականը ու անխափան շարունակեց իր ազգանուէր աշխատանքը: Ծով թշուառութիւն, ու անոր դիմաց` փակ պահեստանոց…

Բարեբախտաբար այսօր փոխուած են ժամանակները, եւ որեւէ արգելք չկայ ընկերային ծառայութիւններու առջեւ:

ՀՕՄ-ը Լիբանանի մէջ ունի տեղայնացած անուն` ԼՕԽ, որուն դարմանատունը ամէնէն հայահոծ շրջանի մը մէջ բարիք կը սփռէ անխտիր շրջապատի ամբողջ բնակչութեան: ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը կ՛ընդգրկեն Լիբանանի բոլոր հայաբնակ շրջանները, ու կամաւոր կիները մեղուաջան աշխատանքի լծուած են, որպէսզի իրագործեն ՀՕՄ-ին առաքելութիւնը: Անոնք կը վարձատրուին այնքանով որքանով որ կը ծառայեն ու բարիք կը սփռեն, բանաստեղծը կ՛ըսէ.

«Ի՞նչ մնաց, կեանքին ինծի ի՞նչ մնաց,
Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ, ա՛յն միայն,
Խանդաղատանք մը ծածուկ, օրհնութիւններ անիմաց,
Երբեմն հատնումը սրտիս ու մերթ արցունք մը անձայն»:

 

 

Կամաւոր Զինուորուհիներ

$
0
0

ԱՆԻ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Աստուած ամուր եւ հաստատ պահէ ընտանեկան սրբութիւնը: Ամուսինը սիւնն է, իսկ կնկան գլխուն թագը: Մէկը միւսին կ՛ամբողջացնէ երկնային դասաւորումով:

Ընդունուած է, որ կինը բազմակողմանի յատկութիւններ ունի եւ ամէն ինչի կը հասնի, եթէ ուզէ: Նաեւ` ան կը տոկայ ցաւի եւ դժուարութիւններուն: Ան կը դաստիարակէ զաւակը, կը հոգայ անոնց սնունդն ու պէտքերը, կը ծառայէ ամուսինին եւ, տակաւին, արտատնային աշխատանքներ կը տանի:

Մեր պատմութեան սկիզբէն ծանօթ ենք մեր փափկասուն տիկիններուն, թէ որքան օգնած են իրենց ամուսիններուն թէ՛ պատերազմներու ընթացքին եւ թէ՛ դժուար օրերուն: Հայ մայրը յատուկ գուրգուրանք եւ սէր ունի իր զաւակներուն հանդէպ: Ճիշդ է, որ աշխարհի բոլոր մայրերը կը սիրեն իրենց զաւակները, սակայն հայ մօր սէրը կը գերազանցէ բոլորը:

Մայրերը ի բնէ կ՛ըլլան զգայուն, համբերող եւ սիրալիր:

Մեր հայրենիքի պատմութիւնն ալ ազդած է հայ մօր վրայ:

Ինչպէս գիտենք, Հայաստան կռուախնձոր եղած է դարերու ընթացքին, յետոյ համաշխարհային պատերազմները եւ աքսորները կոփած են մեր մայրերը եւ վերածած են բիւրեղ ադամանդի:

Մեր հեռատես մայրերն ու քոյրերը նկատելով միշտ պէտքը օժանդակութեան` հիմնած են ԼՕԽ-ը, որպէսզի աւելի լաւ ծառայեն ազգիս զաւակներուն:

Անոնք սիրայօժար, առանց որեւէ ակնկալութեան, կ՛աշխատին:

ԼՕԽ-ի ազնիւ կիները կը հոգան հիւանդները եւ կը հայթայթեն անոնց դեղերը: Նաեւ կ՛օգնեն  աշակերտներուն, կ՛այցելեն հիւանդներուն: Տակաւին, կը հոգան տարեցներուն թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս: Յաճախ ծերերը կ՛ուրախացնեն հաւաքոյթներ կազմակերպելով անոնց համար, կամ` ճաշարաններ տանելով: Իսկ հաւաքներու ընթացքին առիթը կը տրուի ծերերուն, որ երգեն ու պարեն` յիշելով անցեալը: Ազնիւ կամաւորները ամէն նոր տարուան ընթացքին կը բաժնեն նուէրներ` տարեցներուն, կարօտեալներուն անխտիր: Քաջ կը հաւատան, որ տալը աւելի հաճելի է, քան առնելը:

Իսկ հայկական ասեղնագործութիւնը վեհ գործ մըն է, որ կ՛ընեն: Բազմաթիւ հայուհիներ կ՛երթան ձեռագործներ սորվելու ԼՕԽ-ի մէջ, ինչպէս` Ուրֆայի, Այնթապի, Վանի, Զէյթունի,  Մարաշի եւ ուրիշներ:

Համեստ կիները այս բոլորը կ՛ընեն, որպէսզի ամուր եւ անսասան պահեն ազգային յատուկ ձիրքերը:

ԼՕԽ-ի մաքրութիւնն ու կազմակերպուածութիւնը բոլորին հիացումին արժանացած են միշտ: Նաեւ այս մէկը կը վկայեն ե՛ւ բժիշկները ե՛ւ տեղացիները:

Ո՞վ կարող է այսքան հսկայական եւ վեհ գործ կատարել ազգին համար: Վստահաբար միայն անձնուէր, կամաւոր հայ մայրերն ու քոյրերը` ԼՕԽ-ի միջոցով: Անոնք մի՛շտ պատրաստ են օգնելու բոլորին անխտիր:

Ուստի, ապրի եւ շա՜տ ապրի ԼՕԽ-ը` իր բոլոր ծառայողներով:

Վարձքերնիդ կատար:

 

 

Մութին Մէջ Հալող Մոմերը

$
0
0

ՄԵՍՐՈՊ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ

Մարտ 2011։

Հեռատեսիլի պաստառին դիմաց գամուած` կը հետեւիմ Ճափոնի աղէտներուն` երկրաշարժի եւ ցունամիի ցնցիչ աւերներու անհաւատալի տեսարաններուն: Նոր անուն մը կ՛աւելնայ այս մեծ ողբերգութիւններուն վրայ: Համաշխարհային հիւլէական նոր աղէտ մը. Ֆուքուշիմա վայրին մէջ կառուցուած հիւլէական ելեկտրական կայանի մը մէջ մէկ հնոցը հալած է: Շողարձակումները եւ հրդեհները` անչափելի: Կը քնանամ ուշ գիշերին, եւ մղձաւանջներ կը հալածեն զիս:

Յաջորդ օրը, կանուխ, դարձեալ հեռատեսիլին դիմաց գամուած` կ՛ուզեմ իմանալ Ճափոնի մեծ աղէտներուն մանրամասնութիւնները: Նկարներու շարանը ցնցիչ է, բայց կայ տարբեր նկար մը: Խումբ մը կամաւորներ` տարբեր տարազներ հագած, դէմքերուն վրայ դիմակ, հանդարտօրէն կը բարձրանան քանի մը փոխադրակառքեր ու կ՛ուղղուին Ֆուքուշիմա` չափելու հիւլէական հալած հնոցի աղէտին տարողութիւնը: Անհաւատալի լուր եւ անհաւատալի անձնազոհ կամաւորներ: Շողարձակումը մահացու է քաղցկեղի հարուածով: Վկա՛յ Չեռնոպիլի հիւլէական մեծ աղէտը` տասնամեակներ առաջ:

Այս նոյն առաւօտուն գրասենեակիս յաւերժ արթուն  «Վանայ ձայն»-ը կը սկսի իր առաւօտեան լուրերը, բայց նախքան լուրերու սփռումը` ունի կարճ ծանուցում մը. «Ուշադրութիւ՛ն, ուշադրութիւ՛ն. անմիջական կարիքը կայ Օ-արեան, կամաւորներէն կը խնդրուի անմիջապէս ներկայանալ «Հարուն» հիւանդանոց»: Կարճ ծանուցումը կը կրկնուի երկու անգամ ու ապա միջազգային լուրեր եւ անշուշտ` Ճափոնի ահաւոր աղէտները:

Դարձեալ կամաւորներուն վստահուած է բարդ հարցերը լուծել:

Իսկ ովքե՞ր են մեր Պէյրութի կամաւորները, որոնք այս ժամուն առանց մէկ տրտունջի` կ՛ուղղուին «Հարուն» հիւանդանոց` փրկելու համար հայորդի մը կամ մէկ այլ տարբեր լեզու անհատի մը կեանքը:

Ինչպիսի՞ մարդիկ են այս կամաւորները:

Ո՞ր տարիքի են այս կամաւորները:

Ո՞ր սեռին կը պատկանին այս կամաւորները:

Ի՞նչ դիրքերու տէր են այս կամաւորները:

Հարո՞ւստ, թէ՞ աղքատ են այս կամաւորները:

Ի՞նչ բան զիրենք կը մղէ կամաւոր ձեւով հասնելու օգնութեան:

Հարցումներու շարանը կարելի է երկարել, նաեւ` պատասխաներու շարքը թուարկել: Զարգացած եւ մասնագէտ են կամաւորները, բայց նաեւ շատ ալ պարզ մարդիկ են:

Տարբեր կրօններու հաւատացողներ ու նաեւ անհաւատներ են կամաւորները:

Տարբեր քաղաքական համոզումներ ունեցողներ են այս կամաւորները:

Բարձր դիրքերու տիրացած կամ ոչ մէկ դիրք ունին այս կամաւորները:

Հարուստներ եւ աղքատներ են այս կամաւորները: Անձրեւին տակ քալելով` կ՛ուղղուին «Հարուն» հիւանդանոց շարք մը կամաւորներ:

Գութէն վեր, դրամէն վեր, ժամանակէն վեր, պատկանելիութիւններէն վեր, կրօնէն վեր, լեզուէն վեր, ցուցամոլութիւններէն վեր բան մըն են այս կամաւորները:

Մարդկութեան մութ օրերուն մէջ հալող մոմեր են կամաւորները:

 

 

 

Կամաւորներու Կայունութիւնը

$
0
0

ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ

Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ ամէն տարի դեկտեմբեր 5-ը կը նշուի որպէս «Կամաւորներու օր»` որդեգրելով տարբեր թեմա մը իւրաքանչիւր տարի: Այս ծրագիրը սկսած է 1985-էն ի վեր` քաջալերելու եւ գնահատելու կամաւոր աշխատանքը: Այս տարուան թեման է` անգլերէն «Volunteers build resilient communities», որ կը թարգմանուի` «Կամաւորները կը կերտեն տոկուն եւ կայուն համայնքներ»:

Սոյն օրը կամաւորներու աշխատանքը լուսարձակի տակ կ՛առնուի` զիրենք գնահատելու եւ միասնաբար ապրելու իրենց մարմնական եւ հոգեկան տագնապները, որոնք իրենց առօրեային մաս կը կազմեն, ինչպէս նաեւ` արժեւորելու եւ ցոյց տալու իրենց աշխատանքին ներուժը, համաշխարհային պահպանումով, եւ բարձրաձայն իրազեկում մը կամ արթնութիւն մը գոյացնելու անկարող միութիւններուն հանդէպ: Կամաւոր գործը այն գործերէն է, երբ անհատը կամ միութիւն մը իր ժամանակը կը տրամադրէ օգտակար դառնալու կարիքաւորին կամ միութեան մը` բարօրութեան եւ յաջողութեան նպատակով, առանց որեւէ նիւթական ակնկալութեան: Այդ աշխատանքը կ՛ըլլայ զանազան մարզերու մէջ` առողջապահական, տնտեսական, ուսումնական թէ քաղաքական:

Այս տարուան թեման հետաքրքրական է, սակայն  տարօրինակ չէ, տրուած ըլլալով, որ ներկայիս կ՛ապրինք անկանոն եւ անբնական երեւոյթներ, կլիմայական փոփոխութիւններ, տնտեսական համաշխարհային հարցեր եւ անկումներ, ինչպէս նաեւ` քաղաքական ելեւէջներ, պատերազմ, բռնաբարութիւն եւ այլն: Այս բոլորին մէջ ներկայ է կամաւորը` օգնելու կարիքաւորին, հիւանդին, տկարին, բանտարկեալին, որպէսզի կայուն պահէ անոնց ընկերային շրջանակը: Համաշխարհային պահանջը եւ կարիքը հետզհետէ կը բազմապատկուին, եւ խիստ էական կը դառնան օգնութեան, բարօրութեան եւ խաղաղութեան աշխատանքները:  Այսպէս, պատերազմի ժամանակ, երբ վայրագութիւն, բռնաբարութիւն, սով առօրեայ հարցեր կը դառնան, կամաւոր գործի պահանջը կ՛աւելնայ, եւ մարդասիրական հաստատութիւնները կ՛առաջնորդուին հոն, ուր կարիքը կայ: Վերջերս այս բոլորին ականատես եղանք Իրաքի, Սուրիոյ, նախապէս Լիբանանի, Պաղեստինի պատերազմներուն:

Այս աշխատանքը  մեր հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար սովորական ազգային պարտականութիւններ են բոլոր մարզերուն մէջ` եկեղեցական, քաղաքական, ընտանեկան, մշակութային թէ ուսումնական: Հայ կամաւորները պարկեշտօրէն կ՛աշխատին` առանց որեւէ ակնկալութեան, տրամադրելով իրենց անգին ժամանակը եւ զոհելով  անձնական եւ ընտանեկան հաճոյքները: Օրինակելի են անոնք բոլորն ալ եւ բարձր նկարագրի տէր անձեր: Սակայն հոս դարձեալ յիշենք, որ մեր «հայ կամաւորները» ունին նաեւ «հայապահպանում»-ի ծանր աշխատանքը, որ սերունդէ սերունդ պարտաւոր են պահել, պաշտպանել եւ փոխանցել հայեցի դաստիարակութիւնը` յաջորդ սերունդներուն:

Այս առիթով ես կը շնորհաւորեմ բոլոր հայ կամաւորները, որոնց մէջ նաեւ` ՀՕՄ-ական եւ ԼՕԽ-ական բոլոր մեր ընկերուհիները, որոնց աշխատանքը հիացում եւ հմայք կը պատճառէ արտաքին աշխարհին: Իսկապէս անոնք մեծ յարգանքի արժանի են: Կը մաղթեմ, որ անոնք իրենց գիտակցութեամբ եւ բարձր հոգիով օրինակ դառնան ուրիշներու: Նաեւ կը շնորհաւորեմ լիբանանցի բոլոր կամաւորները, որոնք կ՛աշխատին Լիբանանի տարածքին, երկրին պետական, միջազգային եւ ոչ կառավարական միութիւններուն մէջ` զարկ տալով բարօրութեան եւ խաղաղութեան աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ` հետապնդելով մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան գործը, եւ որուն ընդմէջէն կնոջական արդար իրաւունքներու տուչութեան աշխատանքը բոլոր մարզերուն մէջ` քաղաքական, ընկերային, տնտեսական թէ առողջապահական:

Յարգա՛նք մեր կամաւորներուն:

Պէյրութ 18-11-2018                    

Կամաւոր ԼՕԽ-ականը

$
0
0

ԱՐՓԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ

Հայ կինը մեր պատմութեան բոլոր դաժան օրերուն ոտքի կանգնած է` պայքարելու բազմազան դժուարութիւններուն դէմ, ամբողջ հայ ազգի զաւակներուն համար: ԼՕԽ-ը հայ ազգի մտահոգութիւններուն եւ անոր սպառնացող վտանգներուն ծնունդն է: Ան իր կամաւոր անդամուհիներու հսկայ փաղանգով, այլազան օժանդակութիւններով կը ծառայէ հայ ընտանիքին: Զանազան միջոցներով կը հոգայ ծերունիին, կարիքաւորին, հիւանդին, աշակերտին եւ ուսանողին:

ՄԱԿ-ը 1985-ի իր ժողովին դեկտեմբեր 5-ը յայտարարեց «Կամաւորներու միջազգային օր»` բոլոր ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն (NGO) համար, որովհետեւ այդ մարմիններուն մէջ ծառայողները կամաւոր անձեր են, որոնք իրենց ժամանակը կը տրամադրեն օգնելու ուրիշներուն:

ԼՕԽ-ի իրագործած աշխատանքները սիւնակներ եւ հատորներ կրնան լեցնել: ԼՕԽ-ի ծրագիրները օրէ օր կը բազմանան: Կամաւոր ընկերուհիներու պահանջը տարուէ տարի աւելիով կը զգացուի: Իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ական ընկերուհի կամաւոր զինուորն է հայ ազգին: Ան իր բոլոր կարողութիւնները ի սպաս կը դնէ իրագործելու համար ԼՕԽ-ի ազգանուէր ծրագիրները: Ամէն ԼՕԽ-ական ընկերուհի օժտուած է որոշ կարողութիւններով: Իւրաքանչիւր ընկերուհիի ներդրումը բաց մը կը ծածկէ, ճիգ մը իր լրումին կը հասցնէ: ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն միացեալ ուժը անկործանելի եւ անխորտակելի բռունցք մը կը կազմէ, որ կարողութիւն ունի դէմ դնելու բոլոր խոչընդոտներուն:

Կամաւոր աշխատանքը ո՛չ փառք է, ո՛չ պատիւ: Կամաւոր աշխատանքը կ՛ազնուացնէ մարդու հոգին: Կամաւորը հաճոյքը կ՛ունենայ աշխատանքին արդիւնքը քաղելու: Այդ արդիւնքը ուժ եւ կորով կը ներշնչէ իրեն:

Ամէն ԼՕԽ-ական ընկերուհի կամաւոր աշխատող է: ԼՕԽ-ի աշխատանքը սեւ աշխատանք է: ԼՕԽ-ականը այն անձն է, որ իր հանգիստն ու առողջութինը մոռցած, առանց նիւթական ակնկալութեան, կ՛աշխատի, օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ իր ազգակիցին:

Նախորդ սերունդները դժուարին պայմաններուն մէջ սկսան այս կամաւոր աշխատանքը: Անոնք ծանր բեռը իրենց ուսերուն առած` հասան բոլորին անխտիր: Մենք կը շարունակենք մեր ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն առաքելութիւնը եւ կը հաւատանք, որ մեզի յաջորդողներ պիտի գտնուին:

Յարգա՛նք բոլոր ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն:

Բոլորին վարձքը կատար:

 

 

 

 


«Խենթ» Կամաւորը

$
0
0

ՄԱՐԱԼ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Ո՞վ է կամաւորը:

Կամաւորը այն յատուկ նկարագիրով օժտուած, ինքնամատոյց անձնաւորութիւնն է, որ իր ազատ կամքով, գիտակցաբար կը նուիրուի` ծառայելու նպատակի մը համար, որուն վսեմութեան կը հաւատայ, եւ որ կը գոհացնէ իր գաղափարական համոզումները:

Հաւատաւոր կամաւորը զերծ է նիւթական ակնկալիքէ, անոր ցանկութիւնը միայն ու միայն իր աշխատանքներուն արգասաբերութիւնն է: Ան մարդասիրական թէ բարեսիրական գործունէութեանց յառաջապահ մարտիկն է:

Կամաւոր գործունէութիւնը ժամանակակից պատմութեան նորաստեղծ յատկանիշ մը չէ, որ ընդհանրացած է մարդոց այլազան խաւերու մէջ, ընդհակառակը, ատիկա դարերու խորքէն եկող մարդկութեան ամենաազնիւ վարքագիծն է, որուն շնորհիւ, թերեւս, տակաւին կը գոյատեւէ մարդկային ցեղը:

Առ ի գնահատանք կամաւոր աշխատանքի հզօրութեան եւ ազդեցիկ հանգամանքին` Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը 1985-ին որոշեց ամէն դեկտեմբերի 5-ին նշել ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՕՐԸ: Հետեւաբար ամէն տարի այս թուականին տեղի կ’ունենան աշխարհատարած տօնախմբութիւններ, որոնց առընթեր, առիթը կ’ընծայուի կամաւորներուն ա՛լ աւելի ամրապնդուելու եւ լուսարձակի տակ առնելու իրենց դերակատարութիւնը աշխարհի ժողովուրդներուն բարգաւաճման նպաստող ծրագիրներու մշակման ու գործադրման մէջ:

Թէեւ ոչ պաշտօնական, միջազգային կարգ մը ուսումնասիրութիւններու համաձայն, շուրջ 109 միլիոն լիաժամ աշխատաւորներ ներգրաւուած են կամաւոր գործունէութեամբ, ասոնց 30 տոկոսը կը կազմեն կազմակերպութիւններ, իսկ 70 տոկոսը` անհատներ, եւ այս բոլորին 60 տոկոսը կիներ են:

Կամաւորին աշխատանքային անդաստանները անսահման են: Ան պատրաստ է ձեռնարկելու` սկսած ամենահամեստ ծառայութենէն սկսեալ մինչեւ ամենախրթինը, վսեմագոյնը, աշակերտական սեղաններու մատուցումներէն` զինուորագրում եւ հայրենիքի պաշտպանութիւն, ընկերային բարօրութեան նպաստումէն` աղէտներու գօտիներու փրկագործում, խնամատարութենէն` ազգապահպանութիւն:

Ահա նման տիպի նուիրեալ կամաւորն է Լիբանանահայ օգնութեան խաչի շարքերուն մէջ գործող հայուհին: Ան քիչ մը կը տարբերի այլ կամաւորներէ. ան ազգի ուրոյն ժառանգութիւնը պահպանել ուխտած հայ կինն է: Ան ինքզինք ի սպաս դրած է ազգին բոլոր զաւակներուն անխտիր, մարդասիրական թէ բարեսիրական ծառայութեանց զուգահեռ դաստիարակչական, մշակութային ու կրթական ոլորտներուն մէջ իր ներդրումը կը բերէ:

Անոր նպատակը սուրբ է, ուղին դժնդակ, կամքը` անխորտակելի: Որովհետեւ ան քաջ գիտէ, որ իւրաքանչիւր ներդրում կը ծորի աղալու ջաղացքը հայապահպանման:

Ցաւ ի սիրտ յաճախ կ’անդրադառնանք, որ հասարակութեան մէջ կայ սխալ ըմբռնում ԼՕԽ-ականի դերակատարութեան մասին, այսպէս ըսած, ձեռնարկ կազմակերպող, հասոյթ ապահովող կիներու խմբակ: Սակայն չարաչար կը սխալին այսպէս մտածողները. արդեօ՞ք պատահեր է, որ օր մը հարց տան իրենք իրենց, թէ այս «խենթ» կիները ինչո՞ւ ձգած տուն ու տեղ` նման գործերով կը զբաղին, եւ թէ` հաւաքուած գումարները ո՞ւր կ’երթան:

Անհերքելի իրողութիւն է, չէ՞, առանց նիւթականի` անկարելի է որեւէ ծրագիրի իրագործում, ուստի հասութաբեր ձեռնարկները անխուսափելի են: Այդ գոյացած գումարները կը ծառայեն հայու անօթեւան թէ կարիքաւոր հատուածին ըլլան ծեր, երիտասարդ կամ ուսանող պարգեւելու պատսպարան, դեղորայք, խնամք, տաք ճաշ, կրթանպաստ եւ այլն:

ԼՕԽ-ականը այն համեստ ու «խենթ» կամաւորն է, որ կը գործէ ի պարծանս հայ ազգին, լռիկ մնջիկ, առանց բարձրաձայն քարոզչութեան: Թէ  քուլիսներու ետին ի՜նչ հսկայ աշխատանք կը տարուի, ո՛չ ոք գիտէ, պայման չէ, որովհետեւ ԼՕԽ-ականին համար արդիւնքն է կարեւոր:

Մարդիկ յաճախ կ’ապշին, երբ պատահաբար առիթ կ’ունենան մօտէն ծանօթանալու ԼՕԽ-ի աշխատելադաշտի բազմազանութեան եւ կազմակերպական կարգ ու կանոնին: Բարեբախտաբար շատեր ազնուութիւնը կ’ունենան իրենց զարմանքն ու գնահատանքը անկեղծօրէն արտայայտուելու եւ ապա շարքերուն միանալու: Յարգա՛նք իրենց:

Հսկայ եւ լուրջ գործունէութեամբ է, որ կամաւոր հայուհին կը փաստէ ինքզինք: Հոն, ուր գործ կայ, սխալներ ալ կրնան ըլլալ, սակայն անուղղելի ոչինչ կայ: Ան կը սորվի ու կը սորվեցնէ, կը հաւաքէ ու կը բաշխէ, կ’առնէ ու կու տայ հազարապատիկ, կը նուիրէ ու կը նուիրուի այս հրաշագործ կամաւորը, որ մերթ գիտակցաբար ու մերթ անգիտակցաբար իր այրիի լուման կը դնէ ԼՕԽ-ի ազգապահպանութեան արկղին մէջ ու կ’անցնի:

Փոքր ու չնչին թուող այս գործունէութիւնը խորքին մէջ անգնահատելի է: ԼՕԽ-ականը` այս «խենթ» կամաւորը ինքզինք կը հատուցէ այսպէս` գործելով, գործելով եւ գործելով:

Ո՛չ ոք կը զգայ սրտի այն գոհունակութիւնը, որ ան կը զգայ, երբ ճիգերը կը պտղաբերին: Այս համեստ կամաւորին իրագործումները զարմանահար կ’ընէ թերահաւատները: Գիտէ՞ք` ինչո՛ւ, որովհետեւ ան գիտէ, իր առած իւրաքանչիւր քայլէն ետք կատարել ինքնաքննարկում, սրբագրել սխալները եւ ընթանալ միշտ առաջ:

Արդարեւ, Լիբանանահայ օգնութեան խաչը հայ կնոջ պարգեւած է այն պարարտ միջավայրը, ուր անոր բարեշնորհ առաքինութիւնները կը դրսեւորուին ու մայրական գուրգուրանքը, զերթ արեւաշող ճառագայթներու, կը ճաճանչէ յոյս ու լոյս սփռելով ազգին բոլոր զաւակներուն:

Թէկուզ հեշտ չէ ուղին այս «խենթ» կամաւորին` այս ԼՕԽ-ական հայուհիին, բայց կամքը կո՛ւռ է, նպատակը` սո՛ւրբ, գործը` սրտա՛նց:

Ուստի մաղթենք, որ`
Երթն իր ըլլայ միշտ բարի,
Ամէ՛ն չարիք խափանուի,
Նուաճէ նոր հորիզոններ,
Հասնի անհաս գագաթներ:
Պատի՛ւ մեր այս «խենթ» կամաւորին` այս ԼՕԽ-ական հայուհիին:

3 դեկտեմբեր 2018

Արա Արծրունի՜ Իր Ստեղծած Տաճարին Քրմապետը (Հեռակայ Զրոյց)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Իմ երազս յուզում է եւ գրականութիւն…:

                                                                                ԱՐԱ ԱՐԾՐՈՒՆԻ

Հեքիաթներու աշխարհէն ծնունդ առած հայորդի մըն էր Արա Արծրունի, որ ամիս մը առաջ վերադարձաւ իր բնօրրանը` Գերմարդոց աշխարհը, հոն վերստին ապրելու իր նոր կեանքը:  Ճիշդ է, որ ան «դիպուած»-ով մը, մեզի` մարդկութեան եկած էր, պատմելու եւ փոխանցելու իր կեանքի ու փորձառութեան մանրապատումները:

Ան կը հաւատար, որ իր այս արարքով պիտի կարենայ իր շրջապատը հոգեփոխել եւ պայծառամտութեամբ զինել, որպէսզի մենք` սփիւռքահայեր ու ազգ մը ամբողջ, ինքնավստահութեամբ դիմագրաւենք կեանքի փոթորիկներն ու մարդ անհատի տհաճ ու վարկաբեկիչ վերաբերումները:

Միակ բանը, որ չէր գիտեր Արա Արծրունի, այդ ալ այն գեղեցկութիւնն էր, զոր մեզի ժառանգեց իբրեւ երազ ու գրականութիւն: Ան գրեց, որովհետեւ սիրեց գրիչը: Եղաւ արձակագիր ու թատերագիր, որովհետեւ հաւատաց գրականութեան ուժին ու պատգամին: Դարձաւ անկախ մտածող, որպէսզի թափանցէ մարդու ներաշխարհը ու հոնկէ  դուրս բերէ ստորին եւ վատ զգայնութիւնները, վախերը, անտեղի ու անիմաստ մտմտուքները:  Մուտք գործեց հրապարակագրական աշխարհ, որպէսզի հայօրէն ու անշահախնդրօրէն սեւով-ճերմակին վրայ արձանագրէ իր պայծառ մտքին ու ազնիւ հոգիին փայլատակումները:

Ու այսպէս աւելի քան կէս դար Արա Արծրունի անունը տողանցեց հայ իրականութեան մէջ` իբրեւ ազնուասիրտ գործարար, ծառայասէր անհատ,  գաղութահայ կեանքի զանազան յանձնախումբերու մէջ իր ներդրումը ունեցած ժողովական, լիբանանահայութեան զարգացման ու բարգաւաճման թիկունք ու սատար կանգնող հայորդի, բայց մանաւանդ` հայ մամուլի զինուորագրեալ:

Փաստօրէն, իւրաքանչիւր հայորդի, որ մօտէն ճանչցած է Արա Արծրունին, անվարան կը վկայէ անոր անկաշառ նկարագրային գիծերուն, մարդկային անշպար բարեմասնութեան մասին, որոնց հաւատարիմ երկրպագուն մնաց մինչեւ վերջ:

Ու այս ճամբուն վրայ գրագէտ Արա Արծրունի, պահելու ու պահպանելու համար իր սկզբունքայնութիւնը, կառուցեց իր հոգիին ու մտքին սնունդ տուող տաճար մը, իսկ ինք եղաւ անոր քրմապետը: Անշուշտ, գիր ու գրականութիւն, միտք ու մշակոյթ սնուցող տաճար մը, որուն դռնէն ներս հազուագիւտ ուխտեալներ կրցած են մուտք գործել, իբրեւ հայ գրականութեան ջերմեռանդ պաշտպաններ:

Արա Արծրունի իր գրականութիւնը հաստատեց երկու ամրակուռ սիւներու վրայ` թատերգութիւն եւ հրապարակագրութիւն: Թէեւ իւրաքանչիւրին մէջ մնաց ինքնուրոյն, հարազատ եւ անկրկնելի, այդուամենայնիւ, անոնք եղան զիրար ամբողջացնող եւ հարստացնող երեւոյթներ:

Փաստօրէն, երբ կը խօսինք թատերագիր Արա Արծրունիի մասին, չենք կրնար մտահան ընել անոր հրապարակագիրի ուժեղ ազդեցութիւնը, հարցեր վերլուծելու եզակի մօտեցումը, ախտաճանաչում կատարելու եւ անոնց լուծումներ որոնելու պատրաստակամութիւնը, ներազգային կեանքի խորթութիւններն ու սին պատրանքները լոյսին բերելու ներքին մղումը, ազգային հակասական երեւոյթներու մասին յախուռն մօտեցումները եւ մասամբ նորին:

Ճիշդ է, որ Արա Արծրունի անհեթեթի թատրոնի հետեւող թատերագիրն է, որուն երկերուն քաջածանօթ անհատը, լաւապէս ըմբռնելէ ետք անոր ներքին աշխարհը, կրնայ անվարան հաստատել, որ անոր գրականութիւնը, խորքին մէջ, հեղինակի ներաշխարհէն ներս առկայ ուժեղ բախումներու եւ հոգեկան տառապանքներու արտայայտութիւնն են: Փաստօրէն, ան ստեղծած է իր գրողական միջավայրն ու մթնոլորտը (այլաբանական թէ անհեթեթի) եւ հաստատած է իր ապրումներուն եւ յոյզերուն շտեմարանը:

Հակառակ այն իրողութեան որ գրագէտը կ’արծարծէ իմաստասիրական, հոգեբանական թէ գոյութենական բարդ հարցեր, այդուհանդերձ, անոր մտքին ու հոգիին կիզակէտն է մարդ արարածը` իր հոգեխռով վիճակներով, արդի կեանքի վերիվայրումներով, ոգեղէնութեամբ ու գերմարդկային ձգտումներով:

Արա Արծրունի մարդը եւ գրողը կ՛ամբողջացնեն զիրար: Անոնք կ՛ապրին ու կ՛արարեն միասնաբար, ունին հասարակաց գիծեր ու երազներ: Անոնք յաճախակի բախումի մէջ են իրարու հետ` միշտ դէպի լաւագոյնին ձգտելու եւ իրարմով  շնչաւորուելու: Ահա Գերմարդ հասկացողութեան, կեանք ու մահ բացատրութեան  արծրունիական մօտեցումը:

Ի դէպ, գրողը իր վճիտ լեզուին, գեղագիտական ու գրականագիտական  բարձր ուսմունքին, գեղարուեստական շունչին, պարզ ու հաղորդական ոճին շնորհիւ կրցած է ստեղծել իր գրականութեան երանգը, իտէալական աշխարհը:

Արդար է նշել, որ Արա Արծրունի, իր գրական բոլոր արտայայտութիւններուն մէջ մնացած է հեզ, արուեստական պչրանքներէ եւ ինքնահաւանութենէ հեռու, բայց մանաւանդ` ասպետական հոգիի տէր հեղինակութիւն, որով յատկանշուեցաւ ան իր շրջապատին մէջ եւ շատ-շատերու կողմէ:

Պէտք է հաստատել, որ գրագէտը իր արծարծած բարդ թեմաներուն կողքին, միշտ ալ անդրադարձաւ մարդ արարածի բնական կեանքի պահանջներուն. սիրոյ ու սեռային ակնկալութիւններ, հարուստի եւ աղքատի ապրելակերպ, մարդկային յոյզերու եւ ըմբռնումներու արտասովոր դրսեւորումներ եւ այլն:

Այլաբանական պատկերներ ստեղծելու վարպետ մըն էր Արա Արծրունի, որով ան յաջողեցաւ իր բոլոր մտատանջութիւններն ու ըսելիքները յայտնել: Ան չվարանեցաւ ըսելու մարդկային տկարութիւններն ու ազգային կեանքի մէջ պատահած խաղքութիւնները, ձեւով մը, անոր քննադատութեան արժանացան  նշեալ բոլոր երեւոյթները: Ան յախուռն եւ անհանդուրժողի կեցուածքով լոյսին բերաւ այն բոլոր մտահոգութիւնները, թերացումներն ու սխալները, որոնք կ՛առնչուին հայ կեանքին, հայրենիքին, գաղութահայ թէ մարդկային աշխարհին:

Ան, իբրեւ իրաւ հրապարակագիր եւ սուր միտք ունեցող հայորդի` քննարկումի նիւթ դարձուց, ի հարկին քննադատեց ու խարազանեց ամէն ինչ, որ, ըստ իրեն, կը վնասէր հայ կեանքի առաւել զարգացման եւ յառաջդիմութեան:

Արա Արծրունի իր մշակած գրականութեամբ եղաւ այն տիպարը, որ բարձր պահեց հայ արժէքները, եղաւ թունդ հայրենասէրն ու մայրենի լեզուին հաւատաւոր ծառան: Ըլլալով կենսասէր մարդ, իր մանրապատումներուն մէջ արծարծեց կեանքի լաւ ու վատ երեւոյթները, կին-կեանք առնչութիւնները, սեռային խայտաբղէտ գրգիռներու ազդեցութիւնը, դրամի ուժը, անախորժ ստիպողութիւնները, աշխարհ-ազատութիւն-բանտ յարաբերակցութիւնը եւ այլն:

Գաղափարապաշտ էր ան, գաղափարի էութեան ջատագով:  Իր հաւատոյ հանգանակին առանցքը` արդարադատութիւնն ու վեհանձնութիւնն էր: Ան իր ստեղծած գրական տիպարներուն շօշափելի դրսեւորումն էր, միշտ մարդկային ու անձնդիր, պահանջատէր ու յաւերժին ձգտող:

Ի զուր չէ, որ Արա Արծրունի հեռու մնաց միջակութենէ, զզուելի պատեհապաշտութենէ եւ քծնող մարդոցմէ: Ան կերտեց ինքզինք, իւրացուց լեզուներ եւ տիրակալեց գրականութեան լայն աշխարհին: Փորձեց միջազգային գրական հարթակներու եւ արժէքներու հմայքը ներառել հայ իրականութեան մէջ, հրապուրեց ու ջրդեղեց հայ գրականութիւնը:

Իրաւունք է ըսել, որ ան իր գեղատիպ հատորներով եւ խմբագրած գիրքերով ոռոգեց հայ մտքի անդաստանը եւ զայն օժտեց նորովի գրական շունչով:

Ան երազեց, միշտ երգեց, լուռ խոկաց առանց ծափի ու թմբուկի: Յաղթեց կեանքին, փշրեց պարտադրուած կապանքները, յուզուեցաւ ի տես անարդար վերաբերումներու, կռանեց կամքը, եղաւ իր գրականութեամբ լուսաւորեց իր երազներու ճանապարհը, որպէսզի անոնք օր մը իրականանան:

Ձայնակցելով իր տիպարներէն մէկուն կանչին, փափաքին ու հզօր ակնկալութեան. «Ես կ՛ուզեմ ապրիլ Մարդոց հետ` Գլխագի՛ր, Ամբողջական», այս առիթով հպարտօրէն կ՛ըսենք, որ դուն ալ, սիրելի՛ Արա, ապրեցար համեստօրէն եւ ստեղծագործ կիրքով, պայքարեցար յանուն իրաւին ու անկաշառին, կրցար ստեղծել հեքիաթներուդ աշխարհը ու հոն գահակալել առյաւէտ:

Կարմիր վարդ յիշատակիդ, բիւր երախտագիտութիւն անկախ մտածողիդ եւ բարի երթ յաւերժի ճամբորդ գրողիդ:

 

 

 

 

Ասպետական Ներկայութիւն, Ասպետական Մեկնում

$
0
0

ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ

Տերեւաթափ: Աշնանային տերեւաթափ:

Այս անգամ աշնանային տերեւաթափին միացաւ լիբանանահայ երիցագոյն գրողներէն Արա Արծրունին: Բնութեան տերեւաթափին հետ լիբանանահայ գրողներու համախումբին տերեւաթափը կը շարունակուի: Անցնող վեց-եօթը տարիներուն գրողներու համախմբումը կորսնցուց իր երէց, եւ ոչ միայն երէց, անդամներուն աւելի քան կէսը: Զգալիօրէն նօսրացաւ անոնց թիւը: Անդրանիկ Ծառուկեանի բնութագրումով, անդի կողմը մեկնողներուն թիւը կը գերազանցէ այս կողմը մնացածներունը:

Մեկնեցաւ նա՛եւ Արա Արծրունին:

Մեկնեցաւ` ասպետական վեհ կեցուածքով, իրեն յատուկ:

Մեկնեցաւ` անգոսնելով մահը:

Մեկնեցաւ` ութուկէս տասնամեակ ապրած ըլլալու գոհունակութեամբ:

Մեկնեցաւ` կեանքէն իրեն բաժին ինկած տարիները արդիւնաւէտ իրագործումներով կատարած ըլլալու բաւականութեամբ:

Մեկնեցաւ` հայ գրականութեան կտակելով արձակ երկեր, պատմուածքներ, վիպակներ, թատրերգութիւններ, խոհական եւ հրապարակագրական ընտիր էջեր:

Մեկնեցաւ, սակայն կարգ մը մարդիկ չհասկցան ազնիւ ոգիով հարուստ անձը եւ կամ ալ չուզեցին հասկնալ զինք:

Իր մեկնումով կորսնցուցինք յանձնառու գրողն ու մարդը:

Իւրաքանչիւր տառին, բառին եւ խօսքին խոր գիտակցութեամբը ապրող ու շնչող հայ մարդը` հետամուտ իր իսկ ինքնութեան փնտռտուքին:

Համամարդկայինն ու ազգայինը գիտակցական առողջ իմացութեամբ իր անձին մէջ ընդելուզող մտաւորականը:

Հայ գրական եւ իմացական ճոխ գիտելիքներուն շաղկապած օտար գրական-իմացական հարստութիւններուն բանիմաց գիտակը:

Սփիւռքահայ թատերական գրականութեան նորարար եւ տիրական դէմքը:

Անընդունելի դրսեւորումներու, մենատիրական նկրտումներու եւ ազգավնաս կեցուածքներու դէմ ընդվզող ըմբոստացող ոգին:

Մեկնեցաւ Արա Արծրունին: Մասունքները միախառնուեցան հայրենի հողին:

Արդեօ՞ք մեկնեցաւ…

Մեկնեցաւ հողեղէնը: Մնաց յիշատակը, մնաց աւանդը:

Պիտի շարունակէ մնալ իր կերտած գրականութիւնը` այլազան արտայայտութիւններով, յատկապէս` հայ թատրերգութեան մէջ ներմուծած իր խիզախ նորարարութեամբ:

Յիշողութիւններու մէջ պիտի մնայ իր պարկեշտ, անբասիր մարդու տիպարը:

Պիտի մնայ պատուանդանի վրայ բարձրացած ՄԱՐԴՈՒ եւ ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒ իր ասպետական կերպարը:

 

 

Հատուածներ` Արա Արծրունիի Պարգեւատրման Նուիրուած Ձեռնարկներուն Իր Արտասանած Խօսքերէն

$
0
0

Վեհափա՛ռ տէր, դուք այսօր կը պարգեւատրէք գրական ոճ մը, որ ուշացումով մտաւ մեր գրականութեան մէջ: Անհեթեթի եւ այլաբանութեան ոճերու միաձուլումն է ան:

Արդարեւ, դժուար արտայայտելի եւ դժուար ընդունելի գրական ոճ մըն է ան, որովհետեւ հոն մէջընդմէջ յաճախ իրարու կը բախին միասին ընթացող անհեթեթն ու այլաբանութիւնը:

Շնորհակալութի՛ւն, վեհափա՛ռ տէր, որ այսօր զիս կը պարգեւատրէք իմ տարած աշխատանքիս համար: Շարունակեցի գրականութիւնը: Կարդացի, պրպտեցի ու խորացայ եւ վերլուծեցի մրոտած հին էջերս, ապա վերլուծեցի սխալներս, նոր հորիզոններ բացուեցան մտքիս պաստառին վրայ: Այս բոլորէն ետք հասայ ինքնազտումի եւ մերժեցի Պեքեթի Կոտոն, որ պարտուողական է, մերժեցի ունայնութեան գաղափարը եւ անդրադարձայ, որ ան յուսահատ մարդ արարածի ստեղծած սուտն ու խաբէութիւնն է: Համոզուեցայ, որ ոչնչապաշտութիւնը կը սպաննէ մարդուն անհատականութիւնը: Յաճախ թոյլ տուի, որ այլաբանութիւնը` ալեկորիան` իբրեւ իրականութիւն բացայայտումի ճիգ, ճզմէ անհեթեթը: Այժմ, այս բոլորէն ետք, կը զգամ, որ աստիճանաբար կը հեռանամ անհեթեթէն կը խորանամ այլաբանութեան` ալեկորիայի մէջ, եւ անոր միջոցով կ՛ուղղուիմ դէպի իրապաշտութիւն:

Հոս կ՛ուզեմ յիշել նաեւ անունները հայրենի երկու հեղինակութիւններու` մեծատաղանդ մտաւորական եւ արձակագիր Հրանդ Մաթէոսեան եւ թատերասէր Լեւոն Մութաֆեան, որոնք թիկունք կանգնեցան իմ գրականութեանս 1980 թուականի անկիւնադարձէն ետք: Անկիւնադարձ:

Շնորհակալութի՛ւն վեհափա՛ռ:

***

Համազգայինի շքանշանով պարգեւատրումը, զանազան պատճառներով ծանր կը ճնշէ սրտիս վրայ:

Սակայն երիտասարդական օրերէս իսկ գիտէի,  որ արդար վերադարձը միշտ պէտք է ըլլայ դէպի գլխագիր սկիզբը. քանզի սկիզբը վերջ չէ, այլ` ակունքը ճշմարիտ բանին, ակունք էր այն օրը, երբ ծնաւ Համազգային մշակութային միութիւնը:

Այդ ժամանակաշրջանին, երբ աշխարհն ամբողջ կը կարծէր, որ մահամերձ է ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ տարտղնուած հայութիւնը, Աղբալեան, Շանթ, Օհանջանեան եւ այլ մեծութիւններ ունեցան հիանալի տեսլական մը. Հայ եկեղեցիին եւ հայ քաղաքական կեանքի շարքին, Համազգային մշակութային միութեան ճամբով ստեղծեցին մեր վերականգնումի գլխաւոր հիմերէն մին` «Վերածաղկեալ հայ մշակոյթը»:

70 տարիներ առաջ էր: Մեր երջանիկ սերունդը, այո՛, մեր երջանիկ սերունդը, այս հայաշատ քաղաքին մէջ, իր պատանիներով ու երիտասարդներով գիտցաւ ընկալել նաեւ այլ մեծութիւններ: Անոնք էին` ծերունազարդ Հայր Աբրահամ, Ռուբէն, Դրօ, Կոմս, Սասունի, Վրացեան, խմբապետ Մուշեղ եւ Վարդան Շահպազ:

Մեր երջանի՛կ սերունդը ճանչցաւ բոլոր այս մեծութիւնները:

Խորանալով վերոյիշեալ հսկաներու գործունէութեանց եւ մտածումներուն մէջ, անոնցմէ մեզի հասած դաստիարակութիւններու շնորհիւ, այսօր ոեւէ ազատատենչ հայորդի չի կրնար չճչալ. «Մենք չե՛նք կրնար ապրիլ Կոնտոլեզիայի մէջ»:

 

«Դո՛ւն Ալ Յաղթեցիր, Ընկե՛ր…»

$
0
0

ՄՈՎՍԷՍ Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ

Արա՛ ջան,

Ճշգրիտ թուականը չեմ յիշեր: Վաթսունականներու վերջերուն էր: Եդուարդ Պոյաճեանին կորուստի ցաւը դեռ չէր սպիացած, իսկ Կարօ Սասունին ողջ էր տակաւին: Այդ օրերուն «Բագին»-էն, եւ ոչ միայն «Բագին»-էն ներս գրական եւ մշակութային աշխուժութիւն կը տիրէր: Իմ կապը Պէյրութի հետ Պօղոս Սնապեանն էր: Իւրաքանչիւր Այնճար այցելութեան «Բագին» կամ որեւէ գիրք կը բերէր ինծի ընթերցանութեան համար: Այս անգամ հատորեակ մը երկարեց ու ըսաւ. «Կարդա՛, ասիկա յայտնութիւն մըն է»: Քիչ մը դժկամութեամբ ընդունեցի, նախ` անոր համար, որ իր հրատարակած ու յանձնարարած գիրքերը բոլորը չէին, որ հաճոյքով կը կարդայի,  երկրորդ` խորագիրը տխուր էր, Եղեռնի յուշ կը բուրէր` «Վիրաւոր ծիծեռնակը»…, իսկ հեղինակը` բոլորովին անծանօթ մը: Պօղոսը, երբ նշմարեց տատամսումս, աւելցուց. «Կարդա՛ եւ պիտի հաւնիս, Արա Արծրունին բացառիկ տաղանդ մըն է, ապագայի մեր մեծ գրողներէն մէկը»: Առնուազն այս պարագային ան չէր սխալած. կարդացի հաճոյքով: Սակայն «Վիրաւոր ծիծեռնակը» սկիզբ մըն էր միայն, թէեւ` լաւ սկիզբ մը: Պատմուածքներուն մէկ մասը արդէն իսկ ծանօթ էր «Բագին»-ի ընթերցողներուն, եւ շատեր մեծ յոյսեր կապած էին Արա Արծրունի անուան հետ: Ժամանակի ընթացքին այդ յոյսերը իրականացան, բայց` ոչ իրենց ակնկալածի նման: Դուն առաջ անցար ու ջրդեղուելէ ետք կեանքի անողոք քուրային մէջ, սկսար պեղել ժամանակակից մարդու «տանջահար» ենթագիտակիցը ու բացայայտել այնպիսի իրաւութիւններ, որոնց դրսեւորումը այնքան ալ հաճելի չէր կարգ մը շրջանակներու համար: Կարճ ժամանակի ընթացքին մտար գերիրապաշտ ոլորտներուն մէջ ու այսօր հայ անհեթեթի թատրոնի առաջապահներէն մէկը կը համարուիս: Հայրենիքի մէջ շատ չէ անոնց թիւը, իսկ սփիւռքի մէջ մեզի յայտնի է պոլսահայ գրող Արման Վարդանեանին անունը: Դուն քու թատերական վաստակովդ, Պեքեթի, Պրեխտի ու անոնց գրչակիցներուն անցած ճանապարհին վրայ, ստեղծեցիր քու արեւելեան տարբերակդ- չըսելու համար` հայկականը: Իսկ այդ նոյն Շատերը մնացին «Վիրաւոր ծիծեռնակը»-ի սահմաններու մէջ եւ իրենց վիրաւոր գեղարուեստական ճաշակով ու ժամանակավրէպ գրական ըմբռնումներով ոչ միայն չհասկցան քեզ, ոչ միայն չկրցան թափանցել գրականութեանդ խորքը, այլ նաեւ հալածեցին ու նոյնի՛սկ փորձեցին խոչընդոտել թատերական ներկայացումներդ: Բայց դուն մնացիր ամուր ու պինդ` քու սկզբունքներուդ վրայ ու յամառօրէն շարունակեցիր գրական վերելքդ ինքնավստահ քայլերով, մինչեւ որ սերունդը փոխուեցաւ ու սկսար գնահատուիլ: Այս առումով, դուն ո՛չ առաջինն ես եւ ո՛չ ալ վերջինը: Գրականութեան եւ արուեստի պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ իրաւ տաղանդները իրենց ժամանակին այնքան ալ հասկցուած ու գնահատուած չեն: Աւելի մեծերը նոյնիսկ թշնամական վերաբերումներու արժանացած են միջակութիւններու կողմէ:

Սիրելի՛ Արա,

Հոս ճի՛շդ տեղն է խոստովանելու, որ գրական վաստակիդ համեմատաբար քիչ ծանօթ եմ: Պատճառը պարզ է: 1985-էն ի վեր գրականութեամբ գրեթէ չեմ զբաղած: Նախընտրած եմ խորանալ կերպարուեստի մէջ: Քեզմէ կարդացած եմ միայն «Պահածոյի տուփերը», «Մժեղը» եւ «Ես զոհ, ես դահիճ» երկերը ու ներկայ եղած` երկու ներկայացումներու.  «Միալար երաժշտութիւնը»` Զոհրապ Եագուպեանի բեմադրութեամբ եւ «Կոնտոլիզա իմ սէր»` Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ: Այս վերջինը առիթ ունեցայ տեսնելու հայրենիքի մէջ, Համազգայինի կազմակերպած հիւրախաղերու ընթացքին: Որքան որ զիս տպաւորած էր «Պահածոյի տուփերը»` իբրեւ բարձրորակ ու ժամանակակից գրական երկ, նոյնքան եւ աւելի զիս հիացուց ու ուրախացուց  Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութիւնը, որովհետեւ թէ՛ ինք եւ թէ՛ դերասանները ճիշդ ըմբռնած ու մեկնաբանած էին թատերակի էութիւնն ու պատգամը, որոնք գեղարուեստական ուժով կը մատուցուէին հանդիսատեսին: Այս բոլորը կը բաւեն հաստատելու, որ դուն նոր էջ մը կը բանաս հայ անհեթեթի թատրոնին մէջ, որովհետեւ կրցած ես  կերտել  ստեղծագործական սեփական աշխարհդ, ուր անզսպելի ժամանակին հետ թաւալող կեանքը կը զգենու անհեթեթ, անտրամաբանական ու նոր պիտակաւորում:  Զարմանալի չէ, որ ոմանք չկարողացան, գուցէ ասկէ ետքն ալ շատեր չկարողանան ընկալել արուեստդ, որովհետեւ անհեթեթի գրականութեան գեղարուեստական շերտերէն ներս կարենալ թափանցելը մշակութային որոշ հասունութիւն  կ՛ենթադրէ:

Հակառակ անոր որ քու բոլոր գործերդ չեն հրատարակուած ու արժեւորուած, եւ հակառակ անոր որ հրապարակի վրայ եղածներն ալ յաւուր պատշաճի ու մասնագիտականօրէն դեռեւս չեն ուսումնասիրուած, այնուամենայնիւ, արդէն իսկ անոնք գնահատուած են իբրեւ առանձին երակ հայ թատերական բնագաւառին մէջ: Կը բաւէ վկայակոչել գրող Հրանդ Մաթեւոսեանի, թատերագէտ Լեւոն Մութաֆեանի, եւ կամ բեմադրիչներ` Վարուժան Խտըշեանի եւ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի կարծիքները:

Թէեւ պարբերաբար կը լսէի Արա Արծրունի անունը, այնուամենայնիւ, մենք շատ ուշ, 1984-ին միայն ծանօթացանք իրարու: Այդ շրջանին մենք կ՛ապրէինք Մար Մըխայէլի Խտըշեաններուն շէնքը, իսկ քոյրերդ` ճի՛շդ մեր վերի յարկաբաժինը, որոնց յաճախ կ՛այցելէիր, նոյնիսկ` վտանգաւոր օրերուն: Եկած էիր եղբօրս` Պետիկին քով, զոր աւելի կանուխէն կը ճանչնայիր: Փոխադարձ համակրանք եւ յարգանք ունէիք իրարու հանդէպ: Երկուքդ ալ` իբրեւ գրող, գերիրապաշտ եւ անհեթեթի ոլորտներու մէջ կ՛ապրէիք: Եւ պատահական չէր, որ երբ Պետիկը «Եուհուն» հրատարակեց, առաջին ողջունողներէն ու բարձր գնահատողներէն մէկը դուն եղար: Եթէ չեմ սխալիր, նաեւ գրած ես իր մասին: Այո՛, զիրար լաւ կը հասկնայիք, եւ հարազատութիւն կար ձեր միջեւ, որովհետեւ ոչ միայն ինքն ալ քեզի նման միեւնոյն պատճառներով ու նոյնիսկ այդ նոյն «շատեր»-ու կողմէ նմանօրինակ ձեւերով մերժուեցաւ… Բայց ի վերջոյ ինքն ալ քեզի նման գրականօրէն ընդունուեցաւ, գնահատուեցաւ ու մեծարուեցաւ` ըլլայ հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի:

Իսկ ինչ կը վերաբերի մեր յարաբերութեան, կարճ ժամանակի ընթացքին մենք կրցանք մտերմանալ, որովհետեւ բացի գրականութենէն` մեր միջեւ կային այլ ընդհանրութիւններ եւս: Դուն հնագիտական եւ արուեստի գործերու հաւաքորդ էիր նաեւ: Սակայն գրականութիւնը կը մնար խօսակցութեան առանցքը մեր հանդիպումներուն, որոնք ընդհանրապէս ընտանեկան բնոյթ կը կրէին: Վերջին տարիներուն թէեւ ուղղակի կապը գրեթէ կտրուած էր կեանքի բերումով, այնուամենայնիւ,  հեռաձայնի կամ մամուլի միջոցով լուրերդ կը ստանայի: Շրջան մը դուն եւ ուստրդ` Սեւակը ձեր յայտնաբերած ղարաբաղեան Տիգրանակերտի աւերակներով խանդավառուած էիք, սակայն հակառակ անոր որ պեղումները շարունակուեցան, բայց ձեր մասին լռութիւն տիրեց:

Սարոյեան առիթով մը Ազնաւուրին կ՛ըսէ. «Ապրի՛ս, եղբա՛յր, դո՛ւն ալ յաղթեցիր, դուն մեծ ու դիմացկուն հայ մըն ես», իսկ ես չեմ վարանիր սեւով սպիտակի վրայ գրելու «Դո՛ւն ալ յաղթեցիր, ընկե՛ր, ու մեկնեցար մեծ ու դիմացկուն հայու մը նման»: Ոմանց համար գուցէ շատ թուի այս գնահատականը, սակայն քեզ մօտէն ճանչցողները շատ լաւ գիտեն, որ դուն քու ստեղծագործական կեանքիդ ընթացքին (գրականէն անկախ), ստանալով հանդերձ անհատական, ընտանեկան թէ ազգային ծանր ու ճակատագրական հարուածներ, կրցար դիմանալ եւ շարունակեցիր ստեղծագործել: Անշո՛ւշտ խօսքը կը վերաբերի նախ բարձրորակ գրականութեանդ եւ ապա նաեւ` ամուր անհատականութեանդ, որ չխոնարհեցաւ որեւէ կողմնակի ու այլասերիչ ուժի դիմաց եւ ոչ ալ գաղափարական գետնի վրայ շեղեցար քու մարդկային ու ազգային սկզբունքներէդ:

 

Viewing all 12135 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>
<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596344.js" async> </script>