Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12047 articles
Browse latest View live

Չինաստանը Եւ Եւրասիան

0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Ըստ Չինաստանի քաղաքականութեան վերլուծաբան Միքայէլ Վայզմանի,Չինաստանը նախագահ Չի Ժիմփինկի օրով պիտի չըլլայ սթաթիւս քուոի ուժ մը` ընդունելու միջազգային ներկայ իրավիճակը, եւ ոչ ալ պէտք է ակնկալել, որ անիկա վերատեսութեան ենթարկէ միջազգային կանոները, այլ ան կը փորձէ ներկայանալ իբրեւ բարենորոգող, որ նպատակ ունի ձեռքբերումներ արձանագրել:

Հակառակ անոր որ արեւմտեան բոլոր աղբիւրները, սկսեալ` ամերիկեան լրատուամիջոցներէն, կը յայտնեն, որ Չինաստան վերատեսութեան պիտի ենթարկէ միջազգային յարաբերութիւնները, մինչեւ օրս ոչ մէկ մատնանշում կամ փաստ կայ այս հարցին շուրջ: Այլ ընդհակառա՛կն, Չինաստանը վերջին տասը տարիներուն աշխուժացուց իր համագործակցութիւնը ՄԱԿ-ին հետ` խաղաղապահ ուժեր ուղարկելով եւ նիւթական օժանդակութիւններ տրամադրելով աղքատ երկիրներուն:

Սակայն Չինաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը կը ցոլացնէ իր ներքին կայունութիւնը: Այսինքն երկրին ներքին կայունութիւնը եւ արտաքին քաղաքակնութիւնը իրարմէ կախեալ են: Հետեւաբար Չինաստանի տնտեսական աճը` շնորհիւ անոր յաջող ուժանիւթային, առեւտրական եւ արտաքին քաղաքականութեան, երկրին մէջ կայունութիւն ստեղծեց: Փեքին այս կայունութիւնը կարեւոր կը նկատէ, որպէսզի ամրապնդէ եւ օրինականացնէ համայնավար իշխանութիւնը երկրին մէջ:

Չինաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը հիմնուած է հինգ կէտերու վրայ` փոխադարձ յարգանք հողային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան, փոխադարձաբար չյարձակիլ իրարու վրայ, փոխադարձաբար չմիջամտել որեւէ երկրի ներքին հարցերուն, հաւասարութիւն եւ փոխադարձ շահ, եւ վերջապէս` խաղաղ համերաշխութիւն: Այս կէտերուն շնորհիւ` Չինաստան վարեց «փափուկ քաղաքականութիւն» մը եւ սկսաւ շահիլ դրացի երկիրներուն վստահութիւնը:

Վայզմանի համաձայն, Չինաստանին սպառնացող միակ վտանգը կ՛ըլլայ այն, որ իր ծովային ճամբան փակուի, որուն պատճառով ան պիտի կորսնցնէ իր ուժանիւթային ներմուծման աւելի քան 80 առ հարիւրը, իսկ քարիւղի ներածման աղբիւրները կը հանդիսանան Միջին Արեւելքը (45 առ հարիւր) եւ Ափրիկէն (29 առ հարիւր): Ճիշդ այս պատճառով Չինաստանը կ՛ուզէ վերակենդանացնել Մետաքսի ճամբան Եւրասիոյ մէջ: Հետեւաբար միակ ճանապարհը ցամաքային ելքն է, որ հիմնաւորուած է «Նոր Մետաքսի Ճամբայ» գաղափարին ընդմէջէն:

Նոր Մետաքսի Ճամբուն նպատակն է անցնիլ 65 երկիրներէ` ընդգրկելով 4,4 միլիառ մարդ եւ այսպիսով ապահովել աշխարհի համախառն ներքին արդիւնքին 30 առ հարիւրը: Սակայն Եւրասիոյ հետ Չինաստանի յարաբերութիւնը կրնայ ուշ ապագային բախումի դուռ բանալ Ռուսիոյ շահերուն հետ: Եւրասիական հարցերով քաղաքագէտ Վիթալի Քոզիրեւ (2014) կը հաւատայ, որ ռուս-չինական համագործակցութիւնը Եւրասիոյ մէջ նաեւ կրնայ վերածուիլ մրցակցութեան, մանաւանդ` Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, ուր չինական տնտեսական ներդրումները կը գերազանցեն ռուսական ներդրումները: Աւելի՛ն. Քոզիրեւ կը հաւատայ, որ Ռուսիա տնտեսապէս կախեալ է Չինաստանէն: Սակայն քաղաքագէտին համաձայն, այս երկու քաղաքական բեւեռները միանալով` Եւրասիոյ մէջ գերակշռող տնտեսական եւ, ինչո՞ւ չէ, ապագայն ռազմական ուժ կը ներկայացնեն:

Վերջապէս, Միքայէլ Քլարք «Ռուսիոյ եւ Չինաստանի դժուար պարը Եւրասիոյ մէջ» խորագրեալ յօդուածին մէջ («Փոլիսի Ֆորում», 4 ապրիլ 2018) կը գրէ, որ 2012-էն սկսեալ ամերիկեան ազդեցութիւնը նուազեցաւ Եւրասիոյ մէջ, իսկ Թրամփի նախագահութեան ժամանակաշրջանին Եւրոպական Միութիւնը սկսաւ հեռանալ ամերիկեան քաղաքականութենէն: Ասիկա յստակ էր, երբ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն խօսեցաւ եւրոպական միացեալ բանակ մը հիմնելու հաւանականութեան մասին, բան մը, որ ողջունեց նախագահ Փութին:

Հայաստան կրնայ շահագրգիռ երկիր դառնալ` նախ կառուցելով Հիւսիս-հարաւ մայրուղին` Իրանը կապելով Վրաստանին եւ դառնալով Նոր Մետաքսի ճամբուն մասնակից անդամ: Վերջերս հայաստանցի մասնագէտներ այցելեցին Չինաստան եւ արծարծեցին այս հարցը: Անշուշտ կարելի չէ մտածել, որ այս մայրուղին պիտի փոխարինէ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղին, սակայն այլընտրանք մըն է: Երեւան պէտք է ունենայ աշխուժ դեր` Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ եւ դառնայ կամուրջ Արեւմուտքին եւ Արեւելքին միջեւ: Աւելի՛ն. երկրին ներքին կայունութիւնը պիտի ներգրաւէ չինական ներդրումները, մասնաւորապէս` երկաթուղիներ կառուցելու հարցով: Երեւանէն շատ բան կը սպասուի այս հարցով, եւ պէտք է ամէն ջանք թափել` օգտուելու համար Եւրասիոյ մէջ Չինաստանի եւ Ռուսիոյ մերձեցումէն:

Yeghia.tash@gmail.com


Նամականի

0
0

ԻՓԷԿԵԱՆԱԿԱՆ

Շաբաթ, 24 նոյեմբերին «Ազդակ» օրաթերթին մէջ կարդացի Հրաչ Պարսումեանին գրած մէկ յօդուածը` նուիրուած լիբանանահայ ծանօթ թատերագիր Արա Արծրունիի «Մժեղը», թատերախաղին ներկայացման մասին:

Սոյն թատերախաղը վերջերս ներկայացուեցաւ «Collective de L՛ACT» թատերախումբին կողմէ` բեմադրութեամբ ծանօթ բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի: Թատերախաղը ներկայացուեցաւ արաբերէն լեզուով` կատարողութեամբ լիբանանցի չորս արհեստավարժ դերասաններու:

Հրաչ Պարսումեանին յօդուածը կը քննարկէ սոյն ներկայացման բոլոր երեսները` թատերախաղը, թատերագիրը, բեմադրիչը, մեկնաբանութիւնը, կատարումը, երաժշտութիւնը, բեմայարդարումը, լուսաւորումը. այս գրութեանս նպատակը սոյն յօդուածով կատարուած քննարկման գնահատականը եւ արժեւորումը ընելը չէ, ոչ ալ` հոն արտայայտուած դրական թէ ժխտական հաստատումներուն մասնագիտական մօտեցումով կարծիք յայտնելը: Այդ մէկը կը ձգեմ թատերական արուեստի աւելի հմուտ եւ մասնագիտական մօտեցում ու կարողութիւն ունեցողներու, որոնք իրաւունքը ունին մասնագիտական առումով անդրադառնալու եւ վճռական եզրակացութիւններ ու հաստատումներ կատարելու թատերախաղի մը բաղկացուցիչ բոլոր երեսներուն` սկսելով թատերագիրէն, թատերախաղէն, բեմադրութիւնէն մինչեւ ձայնի ու լոյսի, կատարումի ու երաժշտութեան եւ բեմայարդարումին, հասնելով թատերախաղի գեղարուեստական ու գաղափարական, անոր բարոյախօսական` քաղաքական բոլոր ուղղութիւններուն մասին:

Հրաչ Պարսումեան տարիներէ ի վեր լիբանանահայ կեանքի մէջ ներկայացուած  բոլոր թատերախաղերուն կ՛անդրադառնայ եւ երախտաշատ գործ կը կատարէ` մանրամասնութիւններով իրենց յետին քննարկման ու վերլուծման ենթարկելով զանոնք: Իմ կարծիքովս, շատ օգտակար աշխատանք մը, որ կոչուած է նպաստելու լիբանանահայ թատերական կեանքի որակական բարձրացման, որուն այնքան կարիքը ունի լիբանանահայ թատրոնը:

Լիբանանահայ թատրոնին մօտէն հետեւողները լաւ գիտեն, որ կը դիմագրաւենք լուրջ դժուարութիւններ` կապուած այս արուեստին զանազան երեսներուն, ըլլան անոնք բեմադրական, կատարողական թէ ներկայացուած թատերախաղերու բնոյթին ու ժամանակակից ըլլալուն եւ իբրեւ այդպիսին` այժմէականացման, իմա` արդիականացման դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ` այդ առնչութեամբ գոյութիւն ունեցող կարելիութիւններու:

Դժուարութիւններ, որոնք մեծապէս կ՛առնչուին թատերասէր հանդիսատեսին կայացման ու պատրաստութեան:

Լիբանանահայ թատերախումբերու ներքին խոհանոցին ծանօթները շատ լաւ գիտեն, թէ բազմապիսի ի՛նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն քատրային մասնագիտական թէ նիւթական առումով:

Այս մատնանշումները չեմ ըներ ինքնարդարացման համար կամ ոեւէ հանդիսատեսէ կամ թատերական քննարկում կատարողէ ակնկալելով ներողամիտ մօտեցում կամ` քննադատական վերաբերմունքը կանխելուն կամ բարոյապէս ճնշելու համար:

Հիմնականին մէջ խօսքը կը վերաբերի Հրաչ Պարսումեանի բոլոր յօդուածներուն ու քննարկումներուն մէջ օգտագործուած ոճին, ըսելաձեւին ու մտայնութեան:

Հրաչ Պարսումեանը իր յօդուածներով, զորս տարիներէ ի վեր կը գրէ, լիբանանահայ թատերական կեանքին մէջ ընդհանուր մթնոլորտ ստեղծած է իր յօդուածներուն նկատմամբ: Այսօր լիբանանահայ թատերախմբերը` դերասանները, բեմադրիչները, ինչպէս նաեւ հանդիսատեսները որոշ կանխատրամադրուածութեամբ կը կարդան յօդուածները Հրաչ Պարսումեան թատերական քննադատին: Տարիներու ընթացքին մարդիկ սկսան բաժնուիլ երկու հիմնական խումբերու. կամ բոլորովին կ՛անտեսեն ու չեն կարդար այդ յօդուածները, կա՛մ կարդալէ ետք համաձայն չեն ըլլար հոն տեղ գտած որոշ հաստատումներու: Ստեղծուած է մօտաւորապէս երկու զօրակայան, մէկ կողմէ Հրաչ Պարսումեան, իսկ միւս կողմէ` լիբանանահայ թատերական ընտանիքը` գրեթէ:

Վստահաբար Հրաչ Պարսումեանը օրեր կը տրամադրէ եւ լուրջ պրպտումի աշխատանք կը տանի յանուն լիբանանահայ թատրոնի ծաղկման ու բարգաւաճման: Վստահահաբար Հրաչ Պարսումեանը լիբանանահայ թատերախումբին բեմադրիչներէն յաւելեալ բծախնդրութեան եւ պատասխանատուութեան կանչելու խնդիր ունի, ինչ որ մեծապէս գնահատելի է եւ յառաջդիմելու գործօն է` ըստ էութեան:

Այս աշխատանքը իր ճիշդ նպատակին ծառայելու համար պէտք է կարդացուի, ընկալուի, վիճարկուի, քննարկուի, թեր ու դէմ կարծիքներու փոխանակման մակարդակին հասնի: Բայց այս բոլորը չեն պատահիր, քանի որ որոշ մթնոլորտ մը կը տիրէ պարզ այն պատճառով, որ Պարսումեանը իր հաստատումները կը կատարէ բացարձակով ու երբեմն` հեգնական տպաւորութիւն ձգող ոճով: Հոս է, որ արդէն ամէն ինչ կը խանգարուի, եւ փոխանակ արտայայտուած մտքին ճշգրտութիւնը կամ արդարացիութիւնը ճշդելու` անմիջապէս կը ստեղծուի հակազդեցութեան մթնոլորտ մը, որ պատճառ կը դառնայ ամբողջ նպատակի աղաւաղման: Փոխանակ մարդիկ ըսուածը քննարկելու, ճիշդը ընդունելու եւ վիճելին հրապարակային քննարկման ենթարկելու եւ առողջ քննարկման մթնոլորտ ստեղծելու` տեղի կ՛ունենայ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ այսօր, որ որեւէ ձեւով չի նպաստեր թատերական կեանքի յառաջդիմութեան: Փաստօրէն չեմ հանդիպած, բացի մէկ երկու պարագաներէ, ուր Պարսումեանը հակաճառութիւն ունենայ իր յօդուածներուն մասին հրապարակաւ: Բան մը, որ երբեք ցանկալի չէ հաւանաբար նոյնինքն Հրաչ Պարսումեանին համար:

Այս յօդուածը կը գրեմ ազդեցութեանը տակ անոր գրած վերջին յօդուածին, ուր նուազագոյն չափով քննադատական ըլլալով հանդերձ, ի տարբերութիւն իր նախկին քննարկումներուն չի վարանիր թատերագիրին մասին հաստատումներ ընելու, որոնք իրենց բացարձակ ըսելաոճով կը շեղեն ընթերցողը բուն ըսելիքէն: Ըսելիք, որ այլապէս ինքնին կրնայ էապէս վիճելի ըլլալ. հաստատումներ եւ վճիռներ, որոնք առուազն քննարկելի կրնան ըլլալ:

Անշուշտ չտարուինք այն մտածումով, որ մեր գաղութին մէջ կը պակսին մարդիկ, որոնք կրնան հակաճառել այս քննարկումներուն` մնալով զուտ թատերական քննարկումներու պատշաճ սահմաններու մէջ, առանց որակումներու եւ պիտակաւորումներու, մանաւանդ` վիրաւորանքներու, որոնք այլապէս ոչ մէկ օգուտ ունին:

Շատ դիւրին է, հաւանաբար, ժխտական մատնանշումներ ընելը` յանուն յառաջդիմութեան եւ վերելքի, նաեւ` օգտակար. բայց նոյնքան օգտակար է ու ազնիւ` մարդոց ազնիւ գնահատանք կատարելը, արժեւորելը, քաջալերելը, խանդավառելը:

Մեր խստապահանջ ըլլալը պէտք չէ արգիլէ մեզ` շնորհակալ ըլլալու թատերագիրին, բեմադրիչին, դերասաններուն եւ սեւ աշխատանք կատարողներուն:

Արա Արծրունի թատերագիրին մահուան քառասունքն է այս շաբաթավերջին, տեղի պիտի ունենայ յուշ-երեկոյ` առ ի յարգանք ու գնահատանք իր վաստակին: Կը հաւատամ, որ բոլոր մատնանշումները անպայման տեղ մը իրենց օգտակարութիւնը կ՛ունենան. կը հաւատամ, որ Հրաչ Պարսումեանը կը շարունակէ իր օգտաշատ աշխատանքները` հիմնականին մէջ նպատակ ունենալով լիբանանահայ թատրոնին վերելքը: Կը հաւատամ, որ ինք կը հաւատայ այս առաքելութեան, որուն լծուած ենք բոլորս:

 

Ընտրութիւններուն Հանդուրժուող Ատելութեան Խօսքը` Ազատութեան Մահն Է

0
0

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

Իմ փորձը, որ խօսքը կրնայ սպաննել ընտանեկան պատմութեան հետ կապուած պատճառներու բերումով, ինծի համար յատուկ նշանակութիւն ունի, քանի որ խօսքը եղած է ցեղասպանութեան գործիք, խօսքը եղած է դատապարտելու, նուաստացնելու, հալածելու, եւ վերջապէս, ոչնչացնելու համար հրաշալի գործիք: Հետեւաբար ինծի համար խօսքը միայն բառեր չեն: Խօսքը նաեւ գործողութիւններ է, երբեմն` դաժան գործողութիւններ, որոնք կրնան կոտրել մարդիկը, նոյնիսկ սպաննել, նուազագոյնը` առյաւէտ վիրաւորել. այդ իսկ պատճառով երբեք չեմ հասկցած բառերու զօրութիւնը նուաստացնող մարդիկը, որոնք կ’ըսեն, թէ խօսքի ազատութիւնը սկզբունքօրէն անսահմանափակ է:

Կարծես թէ խօսքը սոսկ բառերու կոյտ է եւ խօսքին կարելի է միշտ դիմակալել ուրիշ խօսքով. բայց երբ բառերուն տանք այն լրջութիւնը, որուն արժանի են անոնք, ապա կը հասկնանք, որ խօսքը կրնայ ունենալ ֆիզիքական, հոգեկան եւ մտաւոր ազդեցութիւն, եւ որ աշխարհին մէջ ոչ մէկ բառ կրնայ վերացնել այդ վնասները: Եթէ այս մէկը կը հասկնանք, ապա նաեւ պիտի գիտակցինք, որ խօսքի ազատութիւնը պէտք է ունենայ իր սահմանները, ինչպէս պաշտօնական, այնպէս ալ` ոչ պաշտօնական խօսքը:

Այնպէս` ինչպէս որսորդական արտօնագիրը կրնայ վերածուիլ անխտիր սպաննելու կամ վիրաւորելու արտօնագիրի,  նոյնպէս ալ խօսքի ազատութիւնը կրնայ դիւրութեամբ վերածուիլ վիրաւորելու, կոտրելու, սպաննելու սանձարձակ ազատ թոյլտուութեան:

Անոնք, որոնք կը պայքարին խօսքի ազատութիւնը իբրեւ ատելութեան խօսք օգտագործելու իրաւունքի համար, որոշ իմաստով կը համեմատուին այն մարդոց հետ, որոնք կը պայքարին հրազէն ձեռք բերելու իրաւունքին համար:

Ես կը փորձեմ հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ընդունիլ, որ խօսքը, որ կրնայ սպաննել կամ վիրաւորել, նաեւ խօսքի ազատութիւն է. կ’ուզեմ հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս այս ծայրայեղ ընկալումը դարձաւ ազատական դիրքորոշում, բայց չեմ կրնար հասկնալ. Ինչո՞ւ չենք տեսներ, թէ խօսքը ինչպիսի փորձութեան կրնայ մատնել, ինչպէս ազատութիւնը, այնպէս ալ` ժողովրդավարութիւնը: Ի հարկէ, ես կը հասկնամ, որ այստեղ կայ սահմանագծումի խնդիրը, դեռ չյիշատակելու համար այն միւս խնդիրը, թէ ո՛վ պիտի որոշէ, որ ո՛ւր պէտք է սահմանը գծել, ի՛նչ միջոցներով եւ այլն. բայց ես չեմ հասկնար այն մարդիկը, որոնք ձեռքի թեթեւ շարժումով կ’արհամարհեն խօսքին սպաննելու կարողութիւնը:

Այն, որ խօսքը դժուար է կարգաւորել, որ խօսքի ազատութիւնը կ’ենթադրէ ինքնակարգաւորման մեծ չափորոշիչ, չի նշանակեր, որ մենք կրնանք չտեսնել, Սուրբ Գիրքի լեզուով ըսուած, թոյնով լի մահացու լեզուներու հետեւանքները, յատկապէս` այնպիսի ժամանակ մը, երբ մահացու թոյնը կրնայ արտադրուիլ եւ տարածուիլ այնպիսի արագութեամբ, ծաւալով եւ տեւողութեամբ, որ Յակոբի նամակին հեղինակը չէր կարող պատկերացնել իր ամենասարսափելի դժոխքի երեւակայութեան մէջ:

Այո՛, մենք եւս չէինք պատկերացներ մինչեւ վերջերս: «Սոցիալական մետիա»-ն, կամ ես կը նախընտրեմ կոչել «ապասոցիալական մետիա»-ն, ստեղծեց մարդկային հաղորդակցութեան մէջ ամենամեծ յեղափոխութիւնը, որ բանաւոր թունատարածումը վերածեց մանկական խաղի:

Մնալով Աստուածաշունչի մեթաֆորներու մէջ` ընկերային լրատուամիջոցները թունաւոր լեզուներու կատարեալ գործիքներն են: Այստեղ, ոեւէ մարդ, անանունութեան կամ կեղծ ինքնութեան պաշտպանութեան տակ, կրնայ թունաւոր խօսք տարածել ոեւէ մեկուն կամ բանի մասին, եւ թիրախը պաշտպանուելու եւ կամ իրաւունքները վերականգնելու ոչ մէկ հնարք ունի. մինչ թոյնը անխափան եւ երկար ժամանակ կը շարունակէ աշխատիլ համացանցի որոնման համակարգերուն մէջ եւ ընկերային ցանցերուն մէջ:

Խնդիրը աւելի բարդացած է այսօր, քանի որ զանգուածային լրատուամիջոցները հաղորդակցութեան յեղափոխութեան յարմարելու իրենց ձգտման մէջ ո՛չ միայն իրենց լրագրութիւնը կը յարմարեցնեն ընկերային լրատուամիջոցներուն, Թուիթըր փոթորիկներուն եւ հեշթակային հոսքին, այլ նաեւ կարծես հրաժարած են իրենց հրապարակախօսային պատասխանատուութենէն:

Այն, ինչ որ կարելի է ըսել ընկերային միջոցներուն մէջ, եւ որ կրնան ստեղծել Թուիթըր փոթորիկներ եւ սնուցանել հեշթակներ, հակուած են ազդելու հրապարակախօսական լրատուամիջոցներուն վրայ: Ասիկա ինծի համար անընդունելի է. այն, ինչ որ գրեթէ լրիւ ազատօրէն կ’ըսուի ընկերային էջերուն վրայ, նաեւ խօսքեր են, որոնք կրնան վնասել եւ նոյնիսկ սպաննել. այդ խօսքը, ատելութեան խօսքը իմ տեսակէտովս խօսքեր են, որոնք կը խախտեն նոյնինքն ազատութեան հիմքը:

Կը կարծեմ` ժամանակն է, որ սկսինք լրջութեամբ վերաբերիլ ատելութեան խօսքին հետ:

Սթոքհոլմ

Ա՛լ Ընկրկում Չկա՛յ

0
0

ԿԱՐՕ ԹԱՇՃԵԱՆ

Եւ այս քանիերորդ անգամն է, որ ժողովուրդը պիտի ընտրէ եւ յետոյ ատէ իր ընտրածը, հիասթափուի… Այսքան արիւն բաւարար չէ՞ սթափուելու… Այս քարոզարշաւը, որուն ականատեսն ենք ազգովին, այս փոխադարձ զրպարտութիւնները հիմնաւորուած չեն, անհիմն են եւ արդար չեն բնա՛ւ:

Ի զուր չթափուեցաւ այսքան արիւն, տեսէ՛ք, ունինք միատեղ երկու հանրապետութիւն, ազատագրեր ենք Շուշին, շրջեր ենք մեր պարտուողական հոգաբանութիւնը` մե՛ծ տառապանքով. հազարաւոր որբացած տղոց եւ աղջիկներու արցունքներուն գնով: Այս ի՞նչ անհեթեթութիւն է:

Արցախեան յաղթանակած ազատամարտով վերականգնած ազգին արժանապատուութիւնը, յաղթելու, յուսալու, երազելու, հաւատալու, հայօրէն հպարտ ապրելու, աշխարհին սիրով նայելու սուրբ շնորհը եւ իրաւունքը վաստկիլը դիւրին չեղաւ. նոյնիսկ ամենաձուլուած, օտարացած, լկտիացած հայու տեսակը, որ ամօթ կը համարէր ինքզինք հայ դաւանիլ, մեր հերոս տղոց թափած արեան ի տես` պահ մը կանգ առաւ, դողա՛ց:

Ի՞նչ ենք առանց Արցախին ու Հայաստանին. մեր սերունդը բախտը ունեցաւ շօշափելու ասկէ ոչ շատ հեռու անցեալին շատերուն համար ցնո՜րք համարուող հայրենիքը: Իմ սերնդակից ամէն հայ մարդ կը յիշէ, թէ ինչպէ՛ս մեր աչքերը հեռուստացոյցին մէջ կը մտնէին պարզելու համար, թէ 88-ի փետրուարեան ցոյցերուն պարզուած դրօշները, կարմիր, կապոյտ, նարնջագո՞յն էին, թէ՞ կարմիր, կապոյտ, կարմիր:

Արցախի մէջ մարտնչող ինքնապաշտպանութեան ջոկատներու նկարները կը հատուէին թերթերէն եւ մասունքի պէս կը շրջագայէին դպրոցական  պատի թերթերուն վրայ, որոնց շուրջ հայ աշակերտութիւնը խուռներամ կը հաւաքուէր զբօսանքներուն:

Իսկ եթէ այդ նկարները գունաւո՜ր ըլլային… գունաւոր ֆետայի, իրա՛ւ, ապրո՜ղ ֆետայի… Այո՛, այսօր ծիծաղելի թուացող այս տողերը իրականութիւն էին ասկէ 30 տարի առաջ:

Ֆետային մեզի համար արդէն այս աշխարհէն հեռացած էր վաղուց, ֆետայիներ, որոնց պղտո՜ր, սեւ ու ճերմակ նկարները ունէինք, արդէն շատոնց հրեշտակ դարձած էին Աստծոյ հովանիին ներքոյ: Բայց այս հրեշտակները կրկին մարդացած` իրական ու շօշափելի դարձան, ժողովուրդին ծոցէն ծնան նոր աշխարհիկ հրեշտակներ` պաշտպանելու ազգը չարէն, վերականգնելու կորսուած արդարութիւնը:

Այո՛, մենք մեր սերունդով հրաշքի ականատես եղանք: Հրաշքի ականատես եղաւ ապրող ամէն հայ անհատ, եւ այս քանի սերունդ անգամ մը կրկնուող դէպք է…

Մեր մէջ վերջապէս ժայթքեր են Սասունցի Դաւիթը, Առիւծ Մհերը, մեր մէջ կրկին կը շողան Սպաղնաց Մակարի, Գալէի, Գէորգ Չաւուշի հոգիները. յեղափոխուեր է, ազատութեան, արդարութեան, խիզախութեան, մարդու մէջ աստուածային պատկերին է մօտեցեր հայու հոգին, կորստեալ հայրենիքէն բեկորներ ենք ազատագրեր, յաղթեր են, այո՛, յաղթեր ենք ազգովին, եւ ետդարձ չկայ:

Կ՛անցնին նաեւ այս ընտրութիւնները, եւ մեր ազգային ընտրանքները կը մնան նո՛յնը, մեր ժողովուրդին բնազդը առողջ է, եւ կը տապալին նաեւ նորելուկները: Ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանը կերտելէ այլընտրանք չունի մեր ժողովուրդը, անդառնալիօրէն հոգեփոխուած մեր ժողովուրդը տապալած է շատ բռնատէրեր, կերտած է հայրենիք նոյնիսկ Ցեղասպանութենէն ետք:

Ընկրկում չկա՛յ:

2 դեկտեմբեր, 2018
Արագած

Աբոխավարութիւն` Իր Ամենաբացարձակ Ու Էժան Տեսքով

0
0

ԱՐԱՄ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ
«alikonline»-ի պատասխանատու-խմբագիր

Ես չեմ էլ կասկածում, որ ոչ հեռու ապագայում Նիկոլ Փաշինեանից մէջբերումներ կ՛անեն ոչ միայն որպէս քաղաքական գործչի, Հայաստանի վարչապետի, այլեւ` մի մարդու, որը մեծ աւանդ ունի Հայաստանում ամբոխավարութիւնը բոլորովին նոր «մակարդակի» բարձրացնելու գործում:

Եւ այսպէս, դեկտեմբերի 1-ին «Իմ քայլը» դաշինքի նախընտրական հերթական հաւաքի ժամանակ նա,  ինչպէս միշտ, բարձրացաւ բեմահարթակ ու, չխախտելով նախընտրական ողջ ընթացքի (ես կ՛ասէի վերջին 6-7 ամիսների) աւանդոյթը, իր ելոյթը համեմեց մրցակից ուժերին ուղղուած մեղադրանքներով: Միայն թէ այս անգամ նա իսկապէս գերազանցեց ինքն իրեն` ընդդիմախօսներին, ոչ աւելի, ոչ պակաս, մեղադրելով «պետական դաւաճանութեան» մէջ: «Եթէ ոեւէ մէկը ժողովրդական յեղափոխութիւնը, այսինքն ժողովրդի կողմից ընտրուած կառավարութեանը կը փորձի կասկածել որեւէ հակազգային կամ հակապետական դաւադրութեան մէջ, մենք իրաւունք կը վերապահենք այդ մարդկանց կասկածելու առնուազն օտարերկրեայ ազդեցութեան գործակալներ լինելու մէջ»,- ասաց նա, որից յետոյ էլ ԱԱԾ-ին եւ ԶՈՒ հակահետախուզութեանը յորդորեց զբաղուել այդ մարդականց հարցով:

Լա՛ւ, հասկացանք, նախընտրական շրջան է, եւ քաղաքական գործիչները փորձում են  ամբոխին հրամցնել այն ապրանքը, ինչ ցանկալի է նրանց, իսկ մեր օրերում ամենափնտռուած ապրանքը դէպի բացարձակ յաղթանակ տանող, ատելութեան ամենագռեհիկ շպարմամբ էժանագին ամբոխավարութիւնն է, որն ամբոխի կողմից ընկալւում է դիւրութեամբ: Հասկացանք, որ աւելի շատ ձայն կը հաւաքի նա, ով կը կարողանայ աւելի ուժեղ ու գռեհիկ հայհոյել մրցակցին եւ աւելի անպատասխանատու խօսել ժողովրդի անունից:  Հասկացանք, որ դրա համար կարելի է խաղադրոյք կատարել հասարակութեան որոշակի խաւի մթագնած, խիստ սահմանափակ գիտակցութեան, գլխի դատարկ պարունակութեան եւ ուղեղի ծալքերի սակաւութեան վրայ, իսկ յետո՞յ…

Գալու է վաղուայ օրը, եւ դու՛ք, պարո՛ն Փաշինեան, ստիպուած էք լինելու հնձել ձեր իսկ ցանած մղձաւանջի` սեւի, խաւարի, ատելութեան, սադրանքի ու դաւադրութեան մթնոլորտի եւ բարոյազրկութեան քամու` փոթորկի հունձքը: Ու դա շատ թանկ է արժենալու ձեզ համար, քանի որ նոյն այդ դատարկ գլուխներն ու սակաւ ծալքերով ուղեղները զոհ են պահանջելու ձեզնից` ատելութեան իրենց անյագ քաղցը յագեցնելու համար: Եւ հէնց այդ ժամանակ էլ ստիպուած էք լինելու ձեր իսկ «նեղ խմբային եւ անձնային շահերի» սպասարկմանը կոչուած էժանագին ու անմակարդակ այս մարտավարութեան արդիւնքում արձանագրել սեփական քաղաքական մահը: Այդպէս է եղել էժանագին ամբոխավարութիւնը որպէս գործելաոճ իւրացրած` անխտիր բոլոր քաղաքական գործիչների անխուսափելի ճակատագիրը: Պատմութիւնը դա է փաստում:

Յ. Գ.- Պէտք չէր, պարո՛ն Փաշինեան, խուսափել ուղղակի խօսքից: Բոլորը հասկացան, որ ձեր մեղադրանքներն ուղղուած էին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեանն ու նրա Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին: Ի՞նչ էք կարծում, ստացուե՞ց արդեօք, այն, ինչ ցանկանում էիք: Պատասխանը մէկն է ու միանշանակ` ո՛չ:

Առաջինը` հասարակութեան գիտակից խաւը լաւ գիտի Դաշնակցութեանն ու դաշնակցականներին: Լաւ գիտի, որ նրանց համար կայ մի կարմիր գիծ, որն անհնար է խախտել, իսկ դա հայրենիքն ու նրա անվտանգութիւնն են:

Երկրորդը` նման յոխորտանքները միգուցէ ինչ-որ տպաւորութիւն թողնեն ձեր անմիջական շրջապատի կամ այլոց վրայ, բայց ոչ հաստատապէս` Դաշնակցութեան եւ դաշնակցականների վրայ: Յիշում էք, չէ՞, ՀՀՇ-ի` նման անյաջող փորձը դեռեւս 90-ականներին: Իսկ ի՞նչ եղաւ արդիւնքը: Կարծում եմ գիտէք: Այնպէս որ, մի՛ փորձէք, չի ստացուելու:

յատուկ «Երկիր»-ի համար

Յայտարարութիւն` ՀՅԴ Իրաքի Կոմիտէի

0
0

Յառաջիկայ կիրակի, տարւոյս դեկ. 9-ին պիտի կայանան Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները, որ հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի ապագայի նկատմամբ կարեւոր անկիւնադարձ պիտի հանդիսանայ:

Կարեւորագոյնը հայ ժողովուրդի, Արցախի եւ Հայաստանի պետութիւններու անվտանգութեան ու կայունութեան եւ, ինչո՞ւ չէ, սփիւռքի գոյութեան ու բարգաւաճման հարցերն են, քանզի առանց ապահով ու անվտանգ հայրենիքի` սփիւռքը եւս անապահով կ’ըլլայ ու կը տկարանայ: Նմանապէս խիստ կարեւոր են ժողովուրդի տնտեսական եւ ընկերային հարցերը:

ՀՅԴ-ը 128 տարիներու ընթացքին պահանջատէրն ու պաշտպանը եղած է նման հարցերու` յառաջացնելով համապատասխան քաղաքականութիւն` ըլլայ ատիկա հայրենիքին մէջ կամ սփիւռքի:

Հետեւելով «այսօրուան» իշխանութեան ընտրական քարոզարշաւին, խիստ մտահոգութիւններ կը յառաջանան մեր մէջ` աւելացնելով ոխակալութեան եւ սպառնալիքներու յայտարարութիւնները:

ՀՅԴ Իրաքի կոմիտէն հաւատացած է եւ կը զօրակցի ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ-ի որոշումին` մասնակցելու ընտրութիւններուն ամենալաւ թեկնածուներու ցուցակով եւ «Հաւատարիմ հողին ու հային» նշանաբանով եւ կոչ կ՛ուղղէ հայրենաբնակ իրաքահայերուն` աշխուժութեամբ մասնակցելու եւ քուէարկելու կուսակցութեան ցանկի օգտին:

Կը մաղթենք մեր կուսակցութեան ցանկի թեկնածուներուն` ամենապայծառ յաջողութիւններ:

Անկախ ընտրութիւններու արդիւնքներէն` ՀՅԴ կը մնայ միշտ հաւատարիմ պաշտպանն «հողին ու հային»:

ՀՅԴ ԻՐԱՔԻ ԿՈՄԻՏԷ

3 դեկտեմբեր 2018

 

Յայտարարութիւն` ՀՅԴ Յունաստանի 82-րդ Շրջանային Ժողովի

0
0

ՀՅ Դաշնակցութեան Յունաստանի շրջանի 82-րդ Շրջանային ժողովը, որ գումարուեցաւ 1 եւ 2 դեկտեմբեր 2018-ին, Աթէնքի մէջ, սոյն յայտարարութեամբ կու գայ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելու ՀՅԴ Հայաստանի մեր կազմակերպութեան` արտահերթ երեսփոխանական ընտրութիւններու մասնակցութեան առիթով:

2018 տարին նշանաւորուեցաւ անկիւնադարձային փոփոխութիւններով` հայրենի քաղաքական կեանքին մէջ, հայ ժողովուրդին համար աւելի բարօր կեանքի եւ զարգացման երաշխիքներու սպասումներով Հայաստանի քաղաքական ուժերէն:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը ընտրութեանց կը մասնակցի ճակատագրական ժամանակներ ապրելու խոր գիտակցութեամբ: Հաւատարիմ ՀՅԴ սկզբունքներուն, Դաշնակցութեան հայրենի մեր կազմակերպութիւնը, վայելելով կազմակերպական մեր կառոյցի ամբողջական զօրակցութիւնը, կը ձգտի հայ ժողովուրդի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական վերելքին, որ կ՛արտացոլայ իր նախընտրական ծրագրին մէջ, ազգային եւ ընկերային առաջադրանքներով, Հայաստանի ու Արցախի ամբողջականութեան պահպանման գերագոյն յանձնառութեամբ:

Վստահ ենք, որ հայրենի մեր ժողովուրդը անգամ մը եւս վերանորոգ ակնկալիքներով իր վստահութիւնը պիտի ցուցաբերէ ՀՅ Դաշնակցութեան հայրենիքի զարգացման համար ծրագիրներուն` տալով Դաշնակցութեան հնարաւորութիւնը դարձեալ կարեւոր եւ որոշիչ դերակատարութիւն վերցնելու նոր կազմուելիք խորհրդարանէն ներս: Արդէն իսկ խորհրդարանական կառավարման նոր գործելաձեւը, որուն կիրարկման համար մեծ եւ գլխաւոր ներդրում ունեցաւ մեր կուսակցութիւնը, կոչուած է արդիականացնելու հայրենի քաղաքական կեանքը` ժողովուրդ եւ պետութիւն կապերուն տալով նոր որակ, միաժամանակ երաշխիքը դառնալու, որպէսզի հայրենի ժողովուրդը ազատ եւ անկաշկանդ կերպով ապրի եւ ստեղծագործէ իր սեփական հողին վրայ:

Կոչ կ՛ուղղենք հայրենիքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն մասնակից դառնալու դեկտեմբեր 9-ի ընտրութեանց եւ իրենց քուէով վստահութիւն յայտնելու «հողին ու հային» հաւատարիմ ՀՅ Դաշնակցութեան` ի խնդիր հզօր Հայաստանի մը կերտման եւ մեր ժողովուրդի բոլոր տեսլականերու իրականացման:

ՀՅԴ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ 82-ՐԴ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ

Աթէնք, 2 դեկտեմբեր 2018

ՀՅԴ Ռուսաստանի Կազմակերպութեան Ուղերձը

0
0

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Ռուսաստանի կազմակերպութիւնը իր ամբողջ կազմակերպական կառոյցով սատարելով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին` կարեւորում է դեկտեմբերի 9-ին կայանալիք Ազգային ժողովի ընտրութիւնները եւ հաւատացած է, որ Հայաստանի եւ համայն հայութեան համար դրանք կը լինեն շրջադարձային:

Այդ ընտրութիւնների արդիւնքում ձեւաւորուած Ազգային Ժողովը պիտի որոշի` Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման ռազմավարութիւնը, արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւնը, տնտեսութեան զարգացման ուղենիշները: Նորընտիր Ազգային ժողովին է վերապահուելու նաեւ անվտանգութեան ապահովումն ու Արցախի հարցով բանակցութիւնների վարումը: Նորընտիր Ազգային ժողովի որոշումներով է պայմանաւորուելու Հայաստանի քաղաքացու կենսամակարդակն ու բարեկեցութիւնը:

Մենք վստահ ենք, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ազդեցիկ ներկայութիւնը խիստ կարեւոր է Ազգային ժողովում` այդ բոլոր հարցերում ազգային եւ պետական շահի գերակայութիւնն ապահովելու համար: Աւելի՛ն. մենք վստահ ենք, որ առանց Դաշնակցութեան ազդեցիկ ներկայութեան` Ազգային ժողովն ու նրա կողմից ձեւաւորուած գործադիր իշխանութիւնը ի զօրու չեն լինի լուծել իրենց առջեւ դրուած խնդիրներն ու հաւուր պատշաճի դիմակայել առաջիկայ մարտահրաւէրներին:

ՀՅԴ-ի ազդեցիկ ներկայութիւնն Աժ-ում անհրաժեշտ է, քանզի`.

– Դաշնակցութիւնը միակ ուժն է, որն ունի ոչ միայն յստակ ազգային գաղափարախօսութիւն, ուղեգիծ եւ ծրագիր, այլ նաեւ` դրանք տարածելու, պաշտպանելու եւ իրագործելու փորձ ու կարողութիւն:

– Դաշնակցութիւնն առաջադրուածներից միակ ուժն է, որն ունի աշխարհասփիւռ կառոյց եւ իր մարմիններով եւ ուղեկից կազմակերպութիւններով մեծապէս կ՛օժանդակի Հայաստանի արտաքին յարաբերութիւնների զարգացմանն ու շահերի պաշտպանութեանը:

– Դաշնակցութիւնը միակ ուժն է, որի համար հասարակութեան ընկերային պաշտպանութիւնն ու ընկերային արդարութիւնը ոչ թէ լոզունգներ են, այլ` քաղաքական-կազմակերպական հաւատամք:

– Դաշնակցութեան ներկայութիւնը խորհրդարանում կ՛ապահովի այլակարծութիւնն ու քննադատութիւնը, կ՛ապահովի ազգային եւ պետական շահի պաշտպանութիւնը:

– Դաշնակցութեան ազդեցիկ ներկայութիւնը խորհրդարանում թոյլ չի տայ, որ ընդունուեն այնպիսի օրէնքներ, որոնք ուղղուած են` Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան, հայկական աւանդական ընտանիքի, Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցու, ազգային արժէքների եւ աւանդոյթների դէմ:

– Դաշնակցութեանն ընտրելով` դուք կ՛օգնէք, որ Հայ Դատի յանձնախմբերն ու գրասենեակներն աւելի ազդեցիկ լինեն աշխարհում, որ` համահայկական մշակութային, բարեգործական եւ մարմնակրթական կազմակերպութիւններն աւելի արդիւնաւէտ գործեն, որ` հարիւրաւոր կրթական հաստատութիւններ աւելի ամուր կապերով կապուեն հայրենիքի հետ:

– Դաշնակցութեանն ընտրելով` դուք կ՛օգնէք, որ հազարաւոր աշխարհասփիւռ դաշնակցականներ եւ համակիրներ աւելի ուժեղ եւ գնահատուած զգան իրենց եւ կը խրախուսէք նրանց մասնակցութիւնը պետականաշինութեան գործին:

– Դաշնակցութեանն ընտրելով` դուք կը հաստատէք, որ երբեք ազգային արժէքների պաշտպանութիւնը չի անտեսուի, երբեք ազգայինը մեր մէջ չի նսեմանայ, երբեք հայութեան պաշտպանը իր իսկ ժողովրդի կողմից չի անտեսուի:

– Դաշնակցութեանն ընտրելով` դուք կ’ընտրէք ինքներդ ձեզ, քանզի Դաշնակցութիւնը մէկն է ձեզանից եւ միշտ հաւատարիմ է իր հողին ու հային…

Սիրելի՛ ժողովուրդ, դուք տեսնում եւ գիտակցում էք այն բոլոր մարտահրաւէրները, որոնք ծառացել են Հայաստանի առջեւ. ներքին եւ արտաքին վտանգները երբեք այդքան ազդու չեն եղել: Մեր սխալ որոշումը մեզ թանկ կ՛արժենայ, մենք չունենք այդ գինը վճարելու ո՛չ միջոցներ, եւ ո՛չ էլ իրաւունք: Դաշնակցութիւնն այսօր միասնական է աւելի քան երբեւէ: Մեր համար չկան դրսի եւ ներսի դաշնակցականներ, մենք ունենք մէկ օրակարգ` այն հայի եւ Հայաստանի հաւաքական շահերի պաշտպանութիւնն է:

Միացի՛ր Դաշնակցութեանը, եւ մենք միասին կը յաղթենք նաեւ այս պայքարում:

Մենք վստահում եւ հաւատում ենք ձեզ…

 


Մեր Պետականութեան Լինել-Չլինելու Մեծ Փորձաքննութիւնը

0
0

Իզնիկի` Թանգարանի Վերածուած Այա Սոֆիա Եկեղեցին Ողբալի Վիճակի Մէջ Կը Գտնուի

0
0

Թարգմանեց` ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆԸ

Պուրսա նահանգի Իզնիկ գաւառին մէջ գտնուող եւ ներկայիս որպէս թանգարան գործող պատմական Այա Սոֆիա եկեղեցւոյ պատի ծեփերը կը թափին: Այդ մասին, ըստ «Ակունք»-ի, կ՛ահազանգեն թրքական լրատուամիջոցները: Թանգարանի նախկին տնօրէն Թայլան Սեւիլը շեշտած է այդ մշակութային հարստութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

Աղբիւրին համաձայն, Պուրսայի հիմնադրամներու շրջանային տնօրինութեան կողմէ 2007-ին կ՛որոշուի թանգարանի վերածուած սոյն եկեղեցին վերանորոգել` «հաւատարիմ մնալով բնօրինակին եւ այն վերածել ժամանակակից կառոյցի»: Քննարկուած էր նաեւ ժամանակին որպէս մզկիթ օգտագործուած այս եկեղեցին վերստին մզկիթի վերածելու գաղափարը, որ բուռն վիճաբանութեան առարկայ դարձած էր: Որոշ ժամանակ թանգարանի գործառոյթ իրականացուցած այս պատմական շինութիւնը 2011 նոյեմբեր 6-ին որպէս մզկիթ վերաբացուած էր, որմէ ետք եկեղեցւոյ մէկ հատուածը կ՛օգտագործուէր որպէս մզկիթ, միւսը` թանգարան:

Թանգարանի նախկին տնօրէն Թայլան Սեւիլը լրատուամիջոցներուն յայտնած է, որ եկեղեցին ներկայիս անմխիթար վիճակի մէջ է, եւ անձամբ ինքը կասկածանքով կը վերաբերի այն հարցին, թէ կառոյցը կը պահպանուի, եւ ընդգծած հնարաւորինս կարճ ժամանակահատուածի մէջ միջոցներ ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը: Իզնիկի բնակիչներէն Էսին Օրենը նշած է. «Այա Սոֆիան խիստ կարեւոր կեդրոն է Իզնիկի ու քրիստոնեայ աշխարհին համար: Եւ այս պատմական կառոյցի ներկայի վիճակը ուղղակի ողբալի է»:

 

 

Յայտարարութիւն` ՀՅԴ Լոնտոնի Կոմիտէի

0
0

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Ահա կը մօտենայ դեկտեմբերի 9:

Օր, երբ տեղի պիտի ունենան մեր հայրենիքի Ազգային ժողովի նոր ընտրութիւնները:

Խիստ կարեւոր կը գտնենք ՀՅԴ-ի ներկայութիւնը խորհրդարանական այդ ժողովին: Ժողով, որ պիտի ճշդէ ապագայի քաղաքականութիւնը` հանդէպ Արցախի եւ հայրենիքի անվտանգութեան, պիտի ճշդէ ռազմավարութիւնը` Հայաստանի բնակչութեան ընկերային – տնտեսական արդար ու կայուն զարգացման:

Այսօր ՀՅԴ-ն միակ ուժն է, որ հաւատարիմ իր 128-ամեայ պատմութեան ու փորձառութեան, հիմնուելով հայրենիքի ու սփիւռքի կուսակցական իր լայն զանգուածներուն ու իր որդեգրած զօրեղ հաւատքին վրայ` կերտելու ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստան, կը կարողանայ իրականացնել այն Հայաստանը, որ մեր դարաւոր երազանքի մեկնակէտն է: Հայաստան մը` հիմնուած ժողովրդավար սկզբունքներու, մարդու իրաւունքի, կամքի ազատ արտայայտութեան եւ ընկերային արդարութեան վրայ:

Ուստի, նկատի ունենալով ընտրութիւններուն մասնակցող զանազան կուսակցութիւններու ու դաշինքներու ներկայացուցած ծրագիրները, կը յայտնենք Լոնտոնի մեր կազմակերպութեան լիարժէք զօրակցութիւնը ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի յայտարարած կարգախօսին «Յանուն հողին ու հայրենիքին», անոր որդեգրած ծրագիրներուն ու կատարելիք աշխատանքներուն:

Այս առթիւ կոմիտէութիւնս կոչ կ՛ուղղէ հայրենի մեր սիրասուն ժողովուրդին` ջանք չխնայել դեկտեմբերի 9-ին ներկայանալու քուէարկութեան կեդրոնները ու կատարել ընտրութիւնը խղճի ու արդարութեան հիմունքներով:

ՀՅԴ ԼՈՆՏՈՆԻ ԿՈՄԻՏԷ

Նորընտիր Խորհրդարանը Լուրջ Ըսելիք Պէտք Է Ունենայ

0
0

ԺԱՆ ԿՈՍԱԿԵԱՆ

Դեկտեմբեր 9-ի ընտրութեան քուէարկողներու բացարձակ մեծամասնութինը պիտի քուէարկէ այն խոստումներու ծրարին, որուն գործադրութիւնը կը պատկերացնէ իրագործուած տեսնել շատ մօտիկ ապագային. մենաշնորհներու արմատական կերպով վերացում, օլիկարխներու վերջնականօրէն հեռացում քաղաքական կեանքէն, ընկերային-տնտեսական իրավիճակի կտրուկ բարելաւում եւ դատաիրաւական համակարգի վերակազմաւորում` նոր դատաւորներու նշանակումներու ճամբով: Ահաւասիկ` այն ակնկալիքները, որոնց իրականացման համար մեծ յոյսեր կը փայփայէ ոչ միայն հայաստանաբնակ հայ ընտրողը, այլեւ համայն հայութիւնը` Արցախէն մինչեւ Ջաւախք, Մոսկուայէն մինչեւ Լոս Անճելըս: Այս ակնկալիքներու իրականացումը մեկնակէտը պիտի հանդիսանայ առողջ ու կենսունակ հայկական պետութեան մը կազմաւորման:

Դժբախտաբար հապճեպ կերպով կազմակերպուած յառաջիկայ ընտրութիւնը պէտք եղած ժամանակը չի տրամադրեր հայ ընտրողին` մօտէն ծանօթանալու մրցակից քաղաքական ուժերու նախընտրական ծրագիրներուն եւ մասնաւորապէս` Հայաստանի ապագային ու անվտանգութեան առնչուող քաղաքական ռազմավարութիւններուն: Ի վերջոյ, կառավարութեան վարչակազմային մակարդակով իրագործուելիք ընկերային-տնտեսական ծրագրի որդեգրումէն եւ գործադրութենէն աւելին է, որ խնդրոյ առարկայ է հայութեան համար: Խորհրդարանի ընտրութիւնը միմիայն ընկերատնտեսական հարցերու լուծման համար չէ, տակաւին անլոյծ կը մնան Հայաստանի գոյատեւման հետ կապուած բազմաթիւ օրհասական հիմնախնդիրներ, որոնց մասին նորընտիր խորհրդարանը լուրջ ըսելիք պէտք է ունենայ:

Ըստ երեւոյթին, Ազգային ժողովի ընտրութիւնը պիտի կատարուի նախապաշարումներու եւ նախասիրութիւններու ընդհանուր զգացական մթնոլորտի մէջ: Պատգամաւորներու ընտրութեան մէջ գերակշիռ դեր պիտի խաղան անհատ ընտրողի ենթակայական տրամադրութիւնները, որոնք հիմնականօրէն բնական հակադրութիւնն են Հայաստանի վերջին 28 տարիներու իրերայաջորդ իշխանութեանց ձգած տխուր ու անբաղձալի «ժառանգութեան»:

Մեծ հարցականը այն է, թէ այսպիսի պայմաններու մէջ ընտրուած խորհրդարանը որքանո՞վ ի վիճակի պիտի ըլլայ ծառայելու մեր ժողովուրդի համազգային իղձերու իրականացման` ընկերատնտեսական բնագաւառէն մինչեւ աշխարհաքաղաքական բնագաւառը: Յառաջիկայ քանի մը օրերուն արդեօ՞ք պիտի կրնանք վեր բարձրանալ գաղափարախօսական մրցակցութենէ զուրկ այս ընտրապայքարէն եւ ընտրել խորհրդարան մը, որ համազգային մեր պահանջներու ու նպատակներու գիտակցութիւնը եւ զգօնութիւնը ունի:

Անկախաբար խորհրդարան մուտք գործելիք  պատգամաւորներու եւ կուսակցութիւններու քաղաքական հասունութենէն ու որակէն` անկարելի է, որ մեր բոլորին ակնկալիքներու իրագործումը լուրջ լուծումներ գտնեն մօտ ապագային: Առ այդ, մեր համաժողովրդային պայքարը, ինչպէս անցեալին, յառաջիկային եւս նոր թափով պիտի շարունակուի ի սէր բազմաչարչար մեր ժողովուրդի ընկերային-տնտեսական եւ ազգային նպատակներու հաւասարապէս իրականացման: Յաջողութիւն` մեր ազգին իր յարատեւ պայքարի ճամբու ընթացքին:

Լոս Անճելըս

 

Խմբագրական. Հանրապետութեան Համաչափ Զարգացման Հրամայականը

0
0

Սպիտակ-Գիւմրիի երկրաշարժի երեսնամեակին առիթով քանի մը դիտարկում կարելի է ընել քաղաքական այն հետեւանքներուն մասին, որոնք թէ՛ միջազգային եւ թէ՛ հայկական առումով սուր հնչեղութիւն ունեցան:

1988-ին Խորհրդային Միութեան կազմաքանդումի նախանշանային տուեալները անտեսանելի ձեւով սկսած էին ուրուագծուիլ, երբ բնական աղէտը ցնցեց մեր երկիրը:

Մարդասիրական եւ ինչու չէ հայասիրական համաշխարհային շարժումը ալիքային  բարձր մակընթացութիւններ ապահովեց շատ արագ: Անշուշտ այստեղ կար պատահածին ահաւորութիւնը, զոհերուն մեծաքանակ ըլլալը, քանդուած-աւերուած բաժնին ահագնութիւնը եւ անօթեւան դարձածներուն, փլատակներուն տակ մնացած շունչերուն օգնութեան փութալու վարակիչ մթնոլորտի տարածումի հանգամանքները:

Հայաստանի խորհրդային հանրապետութիւնը գրաւած էր համայն աշխարհին ուշադրութիւնը եւ իր վրայ կեդրոնացուցած` ամբողջ աշխարհին կողմէ աջակցելու գործողութիւններու շարքը:

Կը թուէր, որ երկաթէ վարագոյրը եւս ճաքեր կու տար եւ աշխարհը արագ կշռոյթներով կը թափանցէր խորհրդային տարածք` այնտեղ նաեւ նկատելու ամբողջ հասարակարգի մը կամ բնակչութեան հանդէպ խորհրդային իշխանութիւններու որդեգրած միջոցներու դիւրաբեկութիւնը: Այլ խօսքով` երկրաշարժագէտները համակողմանիօրէն համոզուած էին, որ նման տարողութեամբ երկրաշարժ մը աշխարհագրական այլ միջավայրի մէջ, ուր յարգուած էին ճարտարապետական եւ ճարտարագիտական շինարարական օրինաչափութիւնները, շատ աւելի նուազ մարդկային զոհեր պիտի պատճառէր, եւ շատ աւելի սակաւաթիւ աւերներ ու քանդումներ պիտի արձանագրուէին:

Այս երեւոյթը այլաբանական մեկնաբանութեամբ կը քանդէր նաեւ Խորհրդային Միութեան առասպելը` հզօրութեան, կազմակերպուածութեան եւ անառիկութեան իմաստով: Ուրկէ նաեւ` այն տեսութիւնը, որ Խորհրդային Միութեան կազմաքանդումին մէջ երկրաշարժին պատճառով իրականութեան դէմ յանդիման գալը ազդեցիկ գործօն եղած էր գործընթացի արագացման մէջ: Նման տեսութիւն վերապահուած է նաեւ արցախեան ազատամարտին, կամ ժամանակի անմիջականութեամբ` կենսոլորտային օրակարգերով ըստ էութեան ազգային պոռթկումներու, որոնք կայացան հայկական հանրապետութեան մէջ:

Աշխարհաքաղաքական իմաստ ու նշանակութիւն կրնայ ունեցած ըլլալ երկրաշարժը` գործող աշխարհակարգի վերափոխման առումով: Ժամանակակից պատմութիւն եւ հասարակագիտութիւն ուսումնասիրողները տակաւին ատեն ունին յանգելու նման եզրակացութիւններու:

Երկրաշարժէն ետք հիմնական փոփոխութեան ենթարկուեցան մեր երկրի շինարարական օրէնքներն ու օգտագործուած շինանիւթերու չափը, տեսակներն ու որակը:

Երեսուն տարի ետք խնդիրը սուր կերպով այլ հարթութիւններու վրայ կը դրուի: Անիկա անօթեւան կամ ժամանակաւոր պատսպարան ունեցողներու բնակարանամուտերու վերջին շրջափուլէն անդին երկրաշարժի գօտիի զարգացման միտումներու ապահովումին կը վերաբերի, որ միայն հարուածուած տարածքներուն չի վերաբերիր:

Նոր Հայաստանը անպայման իբրեւ առաջադրանք պէտք է ճշդէ հանրապետութեան համաչափ զարգացման խնդիրը: Ճանապարհաշինութենէն փոխադրամիջոցային, ենթակառուցուածքայինէն բնակարանային եւ համապատասխան կառոյցներ, սահմանամերձ շրջաններու բնակեցման նպաստող քաղաքականութիւն` ազգովին, հանրապետութեան համաչափ զարգացումի միտումները ապահովելու անհրաժեշտութեան առջեւ կանգնած ենք:

Երեւանակեդրոն հանրապետութիւնը բազմաթիւ զարգացած քաղաքներ ունեցող երկրի վերածելու հրամայականը սուր հնչեղութիւն ունի այսօր իբրեւ հրատապ խնդիր:

Խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրէին պարզապէս արձանագրենք, որ այս խնդիրներու լուսաբանումով, ներկայացումով եւ քննարկումով, մեղմ ըսելաձեւով, չէին յագեցած նախընտրական ծրագիրները:

Երկրաշարժի երեսնամեակը կը յուշէ հանրապետութեան համաչափ զարգացման հրամայականը:

 

Մանիֆեստ . ՀՅ Դաշնակցութեան Օրուան Առթիւ

0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մենք անթիւ ու վէս
Ուղեւորներն ենք լուսաւոր յաւերժի,
Մեր հայրերը վեհ յանձնած են մեզի
Ջահը անցեալի`
Զոր կը կրենք մենք
Ու կը վառենք յար
Մեր բոլոր հոգիէն ժայթքող հուրերով:

Մենք հաւատացեալ
Ժառանգորդներն ենք դարերու յոյսին,
Արիւնն անցեալի,
Մեր ծլարձակած երակներուն մէջ,
Դիզած է անհաշտ բողոքի պոռթկում.
Կնքած է ցասման ու պայքարի ուխտ
Եւ խօլ վրէժի երդում աննուաճ…
Կիրք է անհատնում
Եւ ճախրանք անսանձ
Մեր ճանապարհի երգը յաղթապանծ:

Հողի ու մարդու
Բարի ու արդար խորհուրդէն ծնած
Դարբիններ ենք մենք` սլացիկ, կարշնեղ,
Մեր մուրճով հուժկու
Կը կոփենք անվերջ ձեւը գոյութեան`
Արդարն անտեսող սրտերուն դէմ փակ,
Որպէս խարանող շառաչուն մտրակ:
Յեղափոխութեան երգով մրրկած
Ուխտեալներ ենք մենք,
Մեր գաղափարի ու խօսքի ուժին
Ձուլած ենք ահեղ
Երգը երազին…
Պարզած ենք կիրքով դրօշակը մեր`
Կարմիր ու կապոյտ
Եւ նարնջագոյն,
Արդար հատուցման յոյսով աներեր:
Մեր կարմիրը վառ,
Իրաւունքներու վերահաստատման ու ճանաչումին
Վճիռն է անդարձ,
Մերժումն է ուժին ու կոյր բռնութեան…
Մեր երկնաթաթաւ կապոյտը կախարդ
Խոր եղբայրութեան կոչ է լուսաւոր,
Ուր եսը մարդուն
Եսն է ամբողջի միաձայն կամքին.
Ուր խիղճը մարդուն`
Ուղիղ ու անկեղծ ապրելու տենչին
Երազը յուռթի:
Իսկ նարնջագոյն երանգը մեր հին
Երգն ու սուրբ հողին.
Երգն է` քրտնաթոր, արգաւանդ ճիգին,
Երգն է` հողագործ ու բանուոր մարդուն
Երկունքին վսեմ.
Երգն է` բնածին բայց արտասովոր
Մեր ձոյլ կիրքերուն
Եւ հանճարներուն,
Ու անոնց սրտին մշտավառ երազ:

Քրիստափորի
Մենք կամքն ենք անյաղթ,
Ու Զաւարեանի
Մենք խիղճն ենք արդար.
Եւ միտքն ենք պայծառ`
Ռոստոմին խոհուն…
Ու մեր վեհ ցեղին
Ընդոստ բորբոքած արիւնին մէջէն,
Մենք հրարձակուած
Երիվարներն ենք մեր նոր պատմութեան
Նորոգեալ յոյսին:

***

Անծայր է ուղին,
Կապուած հեռաւոր, լուսեղ յաւերժին…
Սերունդ մը վտիտ
Թերեւս հալի ու ի սպառ մարի.
Եւ գուցէ արդար իր երազներուն տիրել չկրնայ
Բայց մենք մեր ուխտի անանց հմայքով,
Միշտ նոր ուժերու պայթող խոյանքով,
Մեզի կտակուած դրօշին ցոլքով,
Պիտ՛ երթանք առաջ սերունդ առ սերունդ,
Երգով, լռելեայն
Մինչեւ որ հասնի օրը օրերուն,
Օրը հատուցման:

Նոյեմբեր 1968

Դաշնակցականները Արհամարհողը Տգէտ Է Եւ Ցեղին Մատնիչ

0
0

ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ

… Ասոնք էին ազգայնականները, դաշնակցականները, որոնք կռուեցան Հայաստանի համար, վասնզի կռիւը իրենց գիտցած միակ ուղին էր պահպանելու համար կեանքը, արժանապատուութիւնը եւ ցեղը: Աշխարհը ատկէ տարբեր միջոց մը չունէր: Միայն զէնքով կ՛ըլլար այդ: Դիւանագէտները ժամանակ չունէին Հայաստանի համար եւ գէշ միջոց մըն էր այդ, Աստուծոյ անիծած ոջլոտ միջոցը, բայց դաշնակցականները մեծ մարդիկ էին եւ ըրին այն, զոր պարտաւոր էին ընել: Իսկ ոեւէ հայ, որ կ՛արհամարհէ այս մարդիկը, տգէտ է կամ իր ցեղին մատնիչը: Այս մարդոց ընտրած ուղին սխալ էր, գիտեմ որ սխալ էր, բայց ատկէ զատ ուրիշ միջոց չունէին անոնք: Է՜հ, անոնք շահեցան պատերազմը:

Այսպէս կամ այնպէս` ամբողջ ցեղը բնաջնջուեցաւ: Հայաստանի ժողովուրդը կը մսէր, անօթի էր եւ հիւանդ, բայց այս զինուորները շահեցան պատերազմը, եւ ազգ մը դարձաւ կառավարութեամբ եւ դաշնակցականներով կազմուած քաղաքական կուսակցութեամբ մը:

Շատ տխուր եւ շատ սրտայոյզ է, երբ կը մտածէք այն հազարաւորներու մասին, որոնք սպաննուեցան, բայց ես կը պատուեմ զինուորները, անոնք, որ մեռան եւ անոնք որ կ՛ապրին տակաւին: Կը պատուեմ եւ կը սիրեմ զանոնք: Աղիտալի սխալ մըն էր այդ, բայց ազնիւ սխալ մը, եւ Հայաստան եղաւ Հայաստան:

Անշուշտ շատ փոքր ազգ մըն էր ան, շատ անկարեւոր ազգ մը, ամէն կողմէ թշնամիներով շրջապատուած, սակայն Հայաստանը երկու տարի մնաց Հայաստան եւ Երեւանը` մայրաքաղաք: Հարիւրաւոր տարիներ ետք առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանը եղաւ Հայաստան:

Գիտեմ, թէ որքա՛ն անմիտ բան է հպարտ ըլլալ, բայց չեմ կրնար յաղթել այդ զգացումիս եւ հպա՛րտ եմ:

 


Հայ Յեղափոխականի Ուղեցոյցը

0
0

ԱՐՇԱԿ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ

Այս ամէնը` յիշեցման կարգով:

Եկէք` դասակարգումների բաժանենք մարդկանց ապրելակերպն ու կենցաղը: Բազմաթիւ պայմաններից եւ պատճառներից ելնելով` մարդը լինում է մի քանի տեսակ: Մարդ կարող է իր գոյութիւնն ամբողջովին տրամադրել սեփական շահերից բխած նպատակներին. իրաւունք է, բայց` ինքնասէր եւ անձնակենտրոն: Կարող է կեանքի ողջ ընթացքում ծառայել իր ընտանիքին, ընկերներին եւ շրջապատին. իրաւունք է եւ երբեմն` օրինակելի: Կարող է նաեւ իր կեանքը պատկերացնել որեւէ մասնագիտական ոլորտում ներդրում ունենալով. իրաւունք է, բայց` սահմանափակ: Եւ կան մարդիկ, որոնք իրենց ամբողջ կեանքով ու էութեամբ գործունէութիւն են ծաւալում ի նպաստ ընդհանուրի յաջողութեան եւ հաւաքական յաղթանակի. տեսակ է, բայց` ո՛չ բոլորինը:

Ընդհանրապէս, յեղափոխական բնաւորութեամբ անհատը ծնւում է վերջին տեսակից, ի հարկէ, բացառութիւններ կան: Յեղափոխականութիւնը պահի տակ չէ, որ յայտնւում է, որովհետեւ դա բնաւորութիւն է, աւելի ճիշդ` էութիւն: Մօտեցում է եւ հաւատք` գաղափարի իրականացման հաւատք: Տեսակ է, որը մարդը կա՛մ միշտ ունեցել է, կա՛մ էլ ընդհանրապէս չունի:

Յեղափոխականն իր ապրելակերպով, կենցաղով է յեղափոխական: Նա այն անձն է, որը ներգրաւուած է կամ հէնց նախաձեռնողն է մի ամբողջական փոփոխութեան, այլ ոչ թէ` այն անձը, որը հանդէս է գալիս ժամանակաւոր եւ պահով պայմանաւորուած դրսեւորումներով: Յեղափոխականի ամենակարեւոր յատկանիշներից է ինքն իրեն յեղափոխելու ընդունակութիւնը, երբ առերեսւում է որեւէ ճշմարտութեան: Չշարունակել զբաղուել ինքնախաբէութեամբ, ինքնամաքրուել եւ ինքդ քեզ սրբագրել` սրանք յեղափոխականի կարեւորագոյն յատկանիշներից են:

Յեղափոխականը ցանկացած մասնագիտական ոլորտում սխալները, զեղծարարութիւնը, չարաշահումը եւ խաբեբայութիւնը դատապարտողն է: Միեւնոյն ժամանակ` այս երեւոյթների դէմ անկեղծ ըմբոստութիւն եւ պայքար ցուցաբերողը, որից յետոյ յեղափոխականի պարտականութիւնն է նաեւ մարդկանց ուղղորդել դէպի մի նոր այլընտրանք: Անտեղի կամ երբեմն էլ աննպատակ ըմբոստանալը քեզ չի դարձնի յեղափոխական:

Յեղափոխականութիւնը նաեւ այն մօտեցումն է, որ առաջադիմելու ցանկութիւնը վերածում է գործի եւ, ի վերջոյ, քաղում այդ գործի յստակ արդիւնքները: Գաղափարի սերմանումն ու իրականացումը կարող ենք կոչել յեղափոխութիւն:

Երբ հարցը գալիս է պետական կառավարման եւ քաղաքական գործունէութեան ոլորտներին, յեղափոխականն աւելին է վերոնշեալից: Պետական քաղաքական եւ հասարակական գործիչը կարող է բնոյթով լինել յեղափոխական, երբ ինքնին անձնուիրութեան, հեռատեսութեան, արժանապատուութեան եւ սկզբունքայնութեան իսկական օրինակ է: Իսկ երբ հարցը վերաբերում է Հայաստանին եւ հայ յեղափոխական գործչին`  հարցն աւելի է բարդանում: Հաշուի առնելով Հայաստանի աշխարհագրական, արտաքին քաղաքական, պատմաքաղաքական եւ ներքին հասարակական-քաղաքական մարտահրաւէրները` հայ յեղափոխականը պէտք է ձերբազատուած լինի բոլոր նեղ անձնական նպատակներից, նախասիրութիւններից եւ շահերից: Նա պէտք է ձուլուի Հայաստանի էութեանը եւ, մարմնաւորելով հէնց Հայաստանը, անձնուիրաբար պաշտպանի երկրի եւ իր ժողովրդի արժանապատուութիւնն ու շահերը:

Սակայն հայ յեղափոխականութիւնն իր մէջ ամբողջացնում է նաեւ համամարդկայինը, այո՛, որովհետեւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ Հայոց դատը վերջնականապէս լուծելով` մենք յաւակնում ենք արդի մարդկութեան պատմութեան մէջ ամենամեծ վէրքերից մէկը բուժելուն եւ սպիացնելուն:

Եթէ դիտարկենք այսօրուայ քաղաքական իրավիճակը Հայաստանում, մանաւանդ` վերջին 7 ամիսների ընթացքում տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, ապա կարող ենք եզրակացնել հետեւեալը. տեղի ունեցածը իշխանափոխութիւն էր, որը կարող է հանդիսանալ յեղափոխութեան հանգրուաններից մէկը, բայց սահմանափակուել այս հանգրուանով կը նշանակի, որ ի սկզբանէ համաժողովրդական շարժման նպատակը հէնց իշխանափոխութիւնն էր, այլ ոչ թէ` պետականաշինութիւնն ու երկրի բարգաւաճումը:

Ես ուրախ եմ եւ երախտապարտ, որ համաժողովրդական շարժումը դրական տրամադրութիւն ստեղծեց եւ յոյս ներշնչեց մեր ժողովրդին, սակայն փոխանակ այդ յոյսը, վստահութիւնն ու դրական տրամադրութիւնն ուղղուէր ի նպաստ պետականութեան ամրապնդմանը` օգտագործուեց ի նպաստ ներկայ իշխանաւորների կայացմանն ու ինքնահաստատմանը:

Ամփոփելով` կ՛ուզեմ ասել այն, ինչ միշտ եմ ասել: Պետական, քաղաքական եւ մասնաւորապէս հայ յեղափոխական գործչի համար իշխանութեան գալը ոչ թէ նպատակ, այլ միջոց պէտք է լինի, միջոց` ծառայելու Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ հայ ազգին, որպէսզի վերջապէս ունենանք ամուր պետութիւն եւ ժողովուրդ, որը հարուստ է մտքով ու հոգով: Հայ յեղափոխականն իր ազատատենչութեամբ եւ տեսլականով, ոչ մի ջանք չխնայելով` պէտք է հաւատարիմ լինի Հայաստանի հողին եւ հայ ազգին:

Ինչպէս տեսնում էք, նկարում ծառ է` այնպիսի ծառ, որն ունի այն բոլոր յատկանիշներն ու հարստութիւնը, որ պէտք է իր հետ բերի մաքուր եւ անկեղծ նպատակով առաջացած ցանկացած յեղափոխութիւն: Այդ յատկանիշերն են` առողջութիւն, հզօրութիւն, շէնութիւն եւ, վերջ ի վերջոյ, արժանապատիւ կեանք:

 

 

Հայաստանի Երկրաշարժի 30-ամեակ. Հայաստանի Անօթեւան Երեխաները Մեր Եղբայրներն Ու Քոյրերն Են

0
0

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

7 դեկտեմբեր 1988 սովորական օր մըն էր Հայաստանի մեր հայրենակիցներուն եւ սփիւռքահայութեան համար: Մեծերը իրենց աշխատանքային հոլովոյթի եւ տան պարտականութեանց հեւքին մէջ, իսկ ուսման ծարաւ երեխաները` առօրեայ դպրոցական մթնոլորտի մէջ: Յանկարծ Հայաստանէն լսուած երկրաշարժի գոյժը այս օրը դարձուց արտասովոր օրուան. տխուր գիծեր ուրուագծուեցան բոլորին դէմքերուն վրայ` մեծէն պզտիկ, խռոված սրտեր: Մենք` նախակրթարանի աշակերտներս, կը խայտայինք զբօսանքի ընթացքին, երբ անտեղի դպրոցական զանգ մը հնչեց: Մենք սկսանք հարցումներ ուղղել իրարու, թէ ինչո՞ւ մեր զբօսանքը պիտի ընդհատուի ու դասարան պիտի բարձրանանք: Երբ դասարան բարձրացանք, մեր հետաքրքրութիւնը շուտով փարատեց հայերէնի ուսուցիչը: Մենք բնաւ այդպէս տխուր ու տժգոյն չէինք տեսած զինք: Աշակերտներս քար լռութեան մէջ էինք, դասատուն յայտարարեց, որ տուն պիտի մեկնինք եւ հայ ժողովուրդը սուգի մէջ է, որովհետեւ Հայաստանի մէջ ահաւոր երկրաշարժ պատահած է, եւ հազարաւոր զոհեր կան փլատակներու տակ ու հազարաւոր անօթեւան հայրենակիցներ: Պահ մը շշմած իրարու նայեցանք եւ չկրցանք բառ մը իրարու հետ խօսիլ: Մտքիս մէջ հարցումներու շարան մը կը տողանցէր: Ինչո՞ւ հայ ժողովուրդը այսքան ցաւ պէտք էր տեսնէր, արդէն Ցեղասպանութեան ահաւոր պատմութիւններն ու մեր պապերուն վկայութիւնները մեր յիշողութեան մէջ անջնջելի դրոշմ ձգած են: Ինչո՞ւ մեզի տարեկից երեխաները ակնթարթի մը մէջ փլատակներու տակ անշնչացած մարմիններու պիտի վերածուին` առանց կերտելու իրենց ապագան: Ինչո՞ւ երեխաներ անօթեւան եւ որբ պիտի մնան: Դժբախտաբար հայուն միշտ ալ այս դառն բաժակը ըմպելու ճակատագիրը վիճակուած է:

Դեկտեմբեր ամսուան տօնական ուրախութիւնները վերածուեցան սուգի, վշտակցութեան եւ զօրակցութեան ամիսի: Մենք սփիւռքի մէջ ականատես դարձանք «Ազդակ» օրաթերթին մէջ երկրաշարժի ահաւոր տեսարաններուն, քանդումին, հազարաւոր անպատսպար հայորդիներու նկարներուն, որոնք առաւել եւս մեր պատանի հոգիները փոթորկեցուցին: Հանգանակութեան կոչեր յղուեցան գաղութի ազգային եւ կրօնական պատկան մարմիններու կողմէ, որոնք անմիջապէս արձագանգ գտան: Հայերէնի դասատուն մանրամասնօրէն պատմեց մեզի երկրաշարժին պատճառած ահաւոր աղէտին տարողութիւնը: Ինչպէ՞ս կարելի էր տօնական նուէրներ փոխանակել իրարու հետ, երբ մեզի տարեկից մեր եղբայրը ցուրտին անպատսպար է: Հայերը Լիբանանի մէջ թէ այլուր լիաբուռն նուիրատուութիւններով, դեղորայքով եւ զանազան ձեւերով իրենց անվերապահ աջակցութիւնը ցուցաբերեցին Հայաստանի հայրենակիցներուն:

Հայ ժողովուրդի անմոռաց յիշողութեան մատեանին մէջ նոր սեւ էջ մը բացուեցաւ: Դարձեալ ցասում, դարձեալ թախիծ, դարձեալ կորուստ: Կարծես հայուն վիճակուած է միշտ հայրենիքի պաշտպանութեան եւ գոյատեւման բագինին իր կեանքը նուիրաբերել: 7 դեկտեմբեր 1988-ն սոսկ պարզ թուական մը չեղաւ հայ ժողովուրդին համար: Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժին պատճառած աւերը, զոհերու մեծաթիւ քանակը, անպատսպար հայորդիները արթնցուցին աշխարհասփիւռ հայութիւնը իր թմբիրէն եւ Հայաստանի շուրջ համախմբուեցան անոնք` անվերապահօրէն իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու աղէտահար հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Փրկարար աշխատանքներու ընթացքին երկրաշարժէն վերապրած Մարինէ Թոռոյեան կը վկայէ, որ երբեք կարելի չէ մոռնալ երկրաշարժը եւ քանիցս երազի մէջ տեսած ու զգացած է երկրաշարժի ցնցումները: Բայց հայ ժողովուրդը իրեն վիճակուած սեւ բախտը յաղթահարած է` շնորհիւ աննկուն ու գոյատեւելու կամքին եւ փիւնիկի նման յարութիւն առած ու վերականգնած է: Աւա՜ղ, այսօր` երկրաշարժէն երեսուն տարիներ ետք, տակաւին անօթեւան երեխաներ կան Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ: Ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ սփիւռքի հայութեան պարտաւորութիւնն է անպատսպար երեխաներուն տաքուկ հայկական օճախ յատկացնել, որովհետեւ անոնք մեր հայրենիքին ապագան պիտի կերտեն:

 

 

 

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. 128 Տարուան Հայոց Պահապանը

0
0

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը 128 տարի համայն հայութեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ եռագոյն դրօշին պահապանը եղած է… Այսօր, երբ Դաշնակցութեան գործունէութեան մասին ժխտական արձագանգներ կը լսեմ, կը զարմանամ մարդոց ապերախտութեան եւ կարճ յիշողութեան վրայ…

1890 թուականէն ետք Դաշնակցութիւնը սէր եւ միութիւն տարածելով` համախմբած է հայութիւնը հայրենիքին շուրջ, մանաւանդ` սփիւռքի մէջ, նոյն ատեն արմատախիլ ըրած է բոլոր տեսակի ազդակները, որոնք վտանգած են հայոց գերագոյն շահերը…

Մենք` իբրեւ հայ, մեր գոյատեւումը կը պարտինք եւ պիտի պարտինք Հայ եկեղեցւոյ, դպրոցին, միութիւններուն եւ ի մասնաւորի` ՀՅ Դաշնակցութեան… Քննադատութիւններով եւ ատելութեամբ լեցուն սեւ ամպերը պատմութեան ճերմակ երեսը կ՛ուզեն ծածկել, միտքերը պղտորելով եւ անջատելով իրականութիւններէն` դէպի անդունդ կ՛ուզեն առաջնորդել մեր սիրելի ժողովուրդը:

Աստուածաշունչին մէջ գրուած է, որ պէտք է գիշեր ցերեկ Աստուծոյ խօսքը կարդալ, որպէսզի չմոռնանք օրէնքները եւ մեր կեանքին մէջ գործադրենք զանոնք… Նոյնպէս ալ պէտք է Դաշնակցութեան պատմութիւնը միշտ կարդանք, որպէսզի վերյիշելով` մեր միտքերը չազդուին ժամանակաւոր սեւ ամպերէն, որոնք կու գան ու կ՛երթան, կարեւորը` ուշադիր ըլլանք եւ սեւ ամպերուն ներկայութեան սխալ որոշումներ տալով` չկորսուինք… Սօսէ Մայրիկ, երբ ճակատ կը գտնուէր իր ամուսնոյն` Սերոբ Աղբիւրի եւ անդրանիկ որդիին կողքին, չյուսահատեցաւ, երբ անոնք նահատակուեցան, այլ անոնց հրացանը գործածելով` գոյատեւման սուրբ պայքարը շարունակեց…

Միշտ յիշենք Սերոբ Աղբիւրի գլխաւոր խօսքը` «Տղա՛ք, առանց հացի մնացէք, առանց զէնքի մի՛ մնաք»: Սեւ ամպերուն ներկայութենէն ազդուելով` մեր պայքարի զէնքերը չծախենք, որ մեր ժամանակաւոր անօթութեան պատճառով հաց գնենք… Միշտ յիշենք պատմութեան էջերը, որոնք նոյնանման սեւ ամպերու մասին գրած են, եւ Սօսէ Մայրիկէն օրինակ առնենք, չյուսահատինք, այլ ըլլանք համբերատար եւ դէմ դնելով` պայքարինք… Հայ ազգը միշտ գոյատեւած է եւ պիտի գոյատեւէ Դաշնակցութեան ճշմարիտ ճանապարհին կողքին…

 

ՀՅ Դաշնակցութիւնը

0
0

Ս. ՎՐԱՑԵԱՆ

1890 թ. օգոստոսին Վրաստանի այժմեայ մայրաքաղաք Թիֆլիսում հիմնուեց Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւն անունով մի կազմակերպութիւն:

Թիֆլիսը այն օրերին տնտեսական եւ մշակութային կենտրոնն էր արեւելահայութեան համար եւ աւելի Հայաստան էր, աւելի հայ կեանքով էր ապրում, քան բուն Հայաստանը` Ռուսաստանի սահմաններում:

Նորածնունդ կազմակերպութեան հիմնադիր ժողովին մասնակցելու հրաւիրուած էին գոյութիւն ունեցող կուսակցութիւնները: Արմենական, Հնչակեան եւ բոլոր յեղափոխական գաղտնի խմբակներն ու խմբակցութիւնները, որոնց նպատակն էր թրքահայ Դատի լուծումը: Հիմնադիրների ցանկութիւնն էր միացնել հայկական ազատագրական բոլոր ուժերը` միացեալ ճիգով գործելու համար ի նպաստ Հայկական հարցի, այսինքն` Թրքահայաստանի. այստեղի՛ց եւ` Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւն անունը:

Արմենական կուսակցութիւնը (Մկրտիչ Փորթուգալեան) հրաւէրին չպատասխանեց եւ ներկայացուցիչ չունեցաւ Հիմնադիր ժողովում: Հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչը` Ռ. Խանազատ, յանուն իր կուսակցութեան մասնակցեց ժողովին եւ ընդունեց բոլոր որոշումները, բայց վերջը, կենտրոնի հրահանգով, դուրս եկաւ նոր հիմնուած կազմակերպութիւնից: Նոր հիմնուած կազմակերպութիւնը մնաց իբրեւ նոր կուսակցութիւն` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն անունով:

Ի՞նչ դեր էր վերապահուած այս նոր կուսակցութեան հայ կեանքում: ՀՅ Դաշնակցութիւնից առաջ արդէն գոյութիւն ունէր Արմենական կուսակցութիւնը` հիմնուած Մկրտիչ Փորթուգալեանի կողմից, Մարսէյում, 1885-ին: Արմենական կուսակցութեան նպատակն էր Հայաստանի ազատութիւնը ընդհանուր եւ անորոշ բովանդակութեամբ եւ ազատութեան քարոզչութիւնը` դարձեա՛լ ընդհանուր եւ անորոշ բովանդակութեամբ: Այդ պատճառով արմենականութիւնը քարոզչական կազմակերպութիւն եղաւ:

«Արմենիա»-ի տժգոյն քարոզչութիւնից դժգոհ, եւրոպական համալսարանների մի խումբ երիտասարդներ, գլխաւորապէս արեւելահայեր, 1886-ին հիմնեցին «Հնչակ» անունով մը պարբերական` իբրեւ հակադրութիւն Փորթուգալեանի «Արմենիա» թերթի:

Յաջորդ տարի` 1887-ին, նոյն երիտասարդները հիմնեցին առանձին մի կուսակցութիւն «Հնչակ»-ի անունով` Հնչակեան կուսակցութիւնը: Տաք գլուխ, խանդավառ երիտասարդներ էին «Հնչակ»-ի հիմնադիրները, հայ իրականութեան մասին քիչ ծանօթութիւն ունէին, սնունդ էին առնում ռուս, բայց մանաւանդ գերման մարքսիստ գրականութիւնից: Նրանք անհիմն եւ անիրագործելի պահանջներ ունէին: Հնչակեան ծրագիրը գերման սոցիալ-դեմոկրատիայի ծրագրի ընդօրինակումն էր: Թրքահայաստանում ո՛չ ճարտարարուեստ կար, ո՛չ պրոլետարիատ: Հնչակեանները ուզում էին Թրքահայաստանը դարձնել սոցիալիստական հանրապետութիւն: Նոյն պահանջները ունէին Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի համար: Հայաստանի երեք հատուածները պիտի դառնային սոցիալիստական անկախ հանրապետութիւն: Եւ այդ նպատակին հասնելու համար` յախուռն ցոյցեր…

ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիրները, նախքան յեղափոխական գործունէութեան անցնելը, հանգամանօրէն ուսումնասիրեցին հայկական իրականութիւնը, յաջորդաբար Թրքահայաստան անցան մտաւորական երիտասարդներ, ապրեցին ժողովրդի մէջ, ծանօթացան ժողովրդի նիւթական եւ բարոյական կացութեան, պետական կազմակերպութեան, հողային հարցին, սուլթանի հետեւած հայահալած քաղաքականութեան եւ այլն:

Հիմնադիր ժողովին մասնակցողների ձեռքին ահագին նիւթ կար` հաւաքուած Թրքահայաստանի իրականութեան մասին: Եւ Դաշնակցութեան ծրագիրը կազմուեց այդ նիւթի հիման վրայ: Իբրեւ հեռաւոր նպատակ` Դաշնակցութիւնն էլ ձգտում էր ընկերվարութեան, բայց մեկնում էր գոյութիւն ունեցող իրականութիւնից եւ, մասնաւորապէս, ի նկատի ունէր, որ Թրքահայաստանում հայ ժողովուրդը կազմում էր փոքրամասնութիւն:

Հայ իրականութիւնից մեկնելով` իր քաղաքականութեան անմիջական նպատակ ընդունեց Թրքահայաստանի բարենորոգումների պահանջը, մօտաւորապէս` այն սահմաններում եւ այն ձեւերով, ինչ որ ներկայացրել էր Ազգային երեսփոխանական ժողովի կողմից Խրիմեան Հայրիկը Պերլինի վեհաժողովին:

Հետեւելով հեգելեան բանավարութեան` կարող ենք ասել, որ եթէ արմենականութիւնը եղաւ քարոզչական կուսակցութիւն եւ հնչակեանութիւնը իբրեւ հակադրութիւն` ցուցական, ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իբրեւ համադրութիւն, եղաւ գործի կուսակցութիւն:

Շնորհիւ այս գաղափարական իրապաշտութեան, այլեւ` հիմնադիրների անսահման անձնուիրութեան, ՀՅ Դաշնակցութիւնը բացառիկ դիրք գրաւեց հայ կեանքում: ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը շուտով լայն տարածում ստացաւ Արեւելեան Հայաստանում: Կուկունեան արշաւանք, Պանք Օթոման, Խանասորի արշաւանք, ռուսահայոց ազգ. եկեղեցական գոյքերի պաշտպանութիւն` ընդդէմ ցարիզմի, սուլթանի մահափորձ, Սասունի ապստամբութիւն, հայ-թաթարական կռիւներ, միջազգային դիւանագիտական ձեռնարկներ, օսմանեան սահմանադրութիւն, համաշխարհային պատերազմ եւ կամաւորական շարժում, Հայաստանի անկախութիւն. ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւնը այնուհետեւ եղաւ Հայոց պատմութիւն:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը կուսակցութիւն չեղաւ նեղ իմաստով, այլ իրապէս հայ ազգի յառաջադէմ եւ գործօն ուժերի համախմբում` հայութեան էութեան վերաբերող բոլոր հարցերու շուրջ, ե՛ւ ազգային-քաղաքական, ե՛ւ ազգային-տնտեսական, ե՛ւ ազգային-մշակութային: ՀՅ Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդն է` ըստ պատկերի իւրում: «Գործի Դաշնակցութիւն` գաղափարական եւ անձնուէր մարդոց», այսպէս է բնորոշել ակադեմիկոս Ն. Մառը մեր կուսակցութիւնը:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը խտացրել է իր մէջ, կարելի է ասել, հայ ժողովրդի լաւագոյն առաքինութիւնները եւ այդ առաքինութիւնների արտայայտիչ լաւագոյն տարրերը, կեանքի այլեւայլ ասպարէզների մէջ: Անուննե՞ր էք ուզում: Հարիւրաւորներից յիշեմ միայն մի քանիսը (ոտքի ելէք յարգանքով). Քրիստափոր Միքայէլեան, Զաւարեան, Ռոստոմ, Ռ. Զարդարեան, Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ, Արմէն Գարօ, Ա. Վռամեան, Ա. Ահարոնեան, Լեւոն Շանթ, Ն. Աղբալեան, Արամ Մանուկեան եւ բազո՜ւմ ուրիշներ:

Իր փառաւոր պատմութեան ընթացքին ՀՅ Դաշնակցութիւնը տեսաւ եւ ահաւոր փլուզումներ.  Մեծ եղեռնը` 1915-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան խորտակումը` 1920-ին, խմեց եւ շարունակում է խմել տարագրութեան դառն թոյնը, բայց հայ ժողովուրդը չի հեռանում նրանից, չի դատապարտում, չի լքում նրան: Ընդհակառա՛կն, հայ ժողովուրդը ներում է նրա բոլոր թերութիւնները, աւելի փարում է նրան, աւելի հարազատ է զգում: Որովհետեւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ի՛նքը հայ ժողովուրդն է, մարմին ի մարմնոյ եւ ոսկր յոսկերաց:

Այնտեղ` Հայաստան աշխարհում, որ չգիտես ինչո՛ւ ՀՍՍ Ռեսպուբլիկա անունն է կրում, ՀՅ Դաշնակցութիւնը յայտարարուած է մեռած եւ եօթնիցս «լիկվիտացիայի ենթարկուած», Դաշնակցութեան անունը թապու է, արգելքի տակ: Բայց ոչ մի բռնակալութիւն չի կարող սպաննել մի գաղափար, եթէ նա կենդանի արմատներ ունի: Դաշնակցութեան գաղափարները կենդանի են ե՛ւ այսօր, հայրենիքի սահմանների ամբողջացումը եւ ազատութիւնը հարազատ ու սիրելի են հայ ժողովրդի սրտին` ո՛ւր եւ ապրելիս լինի հայը, ո՛ւր եւ ապրելիս լինի նա` երկրում թէ տարագրութեան մէջ, եւ ոչ մի բռնակալի կացին չի կարող ջնջել նրա սրտից այդ զգացումը: Դաշնակցութիւնը, իբրեւ անուն, կարող է գոյութիւն չունենալ Հայաստան աշխարհում, բայց Դաշնակցութիւնը, իբրեւ զգացում եւ գաղափար, չի կարող գոյութիւն չունենալ: Որովհետեւ`

Ո՛ւր առկայ են Դաշնակցութեան ծնունդ տուող պատճառները, այնտեղ առկայ են նրա գոյութեան հետեւանքները:

 

ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հայրենիք Է, Իսկ Դաշնակցականը` Հայրենապաշտ (128-ամեակ)

0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Վաղը` նորէ՛ն ու նմանապէս` պիտի լեռնանայ Դաշնակցութիւնը: Նորէ՛ն ու նմանապէս` պիտի անտառանան Դաշնակցութեան բազուկները: Նորէ՛ն ու նմանապէս` Դաշնակցութեան «սիրտ»-ը համահայկական ծով պիտի դառնայ:

 ԲԵԳԼԱՐ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱ
«Դաշնակցականութեան հետքերով»

Դաշնակցական մտածելակերպի ու գաղափարապաշտ սերունդի տիտան ներկայացուցիչ Վահան Նաւասարդեանի որդին է Բեգլար Նաւասարդեան, որուն վերյիշեալ խօսքը` նուիրուած ՀՅ Դաշնակցութեան 75-ամեակին, աւելի քան բարացուցական է այս օրերուն:

Փաստօրէն, դաշնակցական իրերայաջորդ սերունդներ, անհատ թէ ղեկավար, միշտ ալ ունեցած են այն հաստատ համոզումը, որ մեր կազմակերպութիւնը վաղուան համար է, այսինքն` ան պիտի ապրի ու շնչէ այնքան ատեն որ հայութիւնը իր գոյութիւնը պարտադրած է ազգերու փառահեղ պատուանդանին վրայ:

Այլ խօսքով` ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ իր ժողովուրդին ծնունդն է, չէ պատահած երբեք, որ շեղի գաղափարախօսական իր աշխարհահայեացքէն, ազգային ու մարդկային ըմբռնումներէն, բայց մանաւանդ` հայութեան ու հայրենիքին ծառայելու պատրաստակամութենէն:

Ըսուածին ամէնէն վաւերական ապացոյցը` ՀՅԴ Ծրագիրն ու Կանոնագիր կոչուած իրականութիւնն է, որուն հովանիին ներքեւ, ուժեղ ազդեցութեան ու անոր ամրակուռ պաշտպանութեան տակ` իրերայաջորդ Ընդհանուր ժողովներ, ի լուր աշխարհին յայտարարած են Դաշնակցութեան ռազմավարական իտէալներն ու մարտավարական գործընթացները:

128 տարիներու ամբողջ տեւողութեան չէ պատահած օր ու առիթ` ազգային թէ միջազգային առաջադրանքներու ձեւաւորման պարունակին մէջ, քաղաքական աշխատանքներու թէ գաղափարական աշխարհի սնուցման ի խնդիր, երբ համապատասխան մարմիններ թէ ժողովներ նկատի չունենան ՀՅ Դաշնակցութեան սրբութիւն սրբոցը` Ծրագիրն ու Կանոնագիրը:

Խորքին մէջ այս հասկացողութեան ծիրին մէջ հարկ է դիտել, ու պէտք է դիտեն բոլոր անոնք, որոնք այսպէս կամ այնպէս կը խօսին, կը գրեն, կը մեղադրեն, կը քննադատեն, կը պարսաւեն կամ կը գնահատեն Դաշնակցութիւնը:

Այդուամենայնիւ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր ողջ կազմակերպական կառոյցով միշտ ալ գտնուած է դժուար կացութիւններու դէմ յանդիման, այն առումով, որ եղած են այնպիսի պահեր` ազգային-ընկերային, քաղաքական-դիւանագիտական թէ ընդհանրապէս զինուորական-մարտական, որոնք իրենց գերճնշող ազդեցութեամբ արգելակած են աշխատանքային գործընթացներ, յարուցած են բազմակողմանի խնդիրներ եւ ստեղծած բարոյահոգեբանական յուսալլկիչ պատնէշներ:

Ու այս ընդհանուր պատկերին դիմաց, մեր կազմակերպութիւնը կրցած է, իր կարգին, ստեղծել պաշտպանական համակարգ մը, որ յատկանշուած է տիպար դաշնակցականի կոչումով, որուն շնորհիւ դիմակայած է իր դէմ սանձազերծուած բազմաբնոյթ ու անասելի յարձակումներ, բնաջինջ ընելու սեւ ծրագիրներ ու ահեղ սպառնալիքներ:

Ահաւասիկ 128 տարիներու կենդանագիրի մը ամփոփ ներկայացումը, որ ցարդ կը մնայ իր պատուանդանին վրայ ու կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:

Արդ, ինչո՞ւ զարմանալ ի տես  հակադաշնակցական պայքարի թէ ատելավառ հակադրութիւններու, որոնց գունաւոր, սեւ-սպիտակ եւ մաղձոտ դրսեւորումներուն ականատես կը դառնանք ազգովին:

Գալով պատկերի միւս երեսին, հաւանաբար էականին, անմիջականին, կարեւորին, դաշնակցական աշխարհն ու տիպարը ընդգծող ճշմարիտին, մնայուն արժէքին, որակին ու յաւերժահունչ ԵՐԵՒՈՅԹ-ին, մեր տեսակին:

Այո՛, երկու զիրար ամբողջացնող վիճակներու մասին է խօսքը, մէկը` ՀՅԴ Ծրագիրի ու Կանոնագիրի անշեղ եւ կատարեալ գործադրութեան ապահովումը` բոլորիս մասնակցութեամբ,  միւսը` այս զոյգ արժէքներուն կեանք ու շունչ պարգեւող դաշնակցականութեան առաւել պայծառացում:

Վիճակներ, որոնց ըմբռնումն ու իմաստը միշտ ալ ենթակայ եղած է այլազան մեկնաբանութիւններու եւ տեղի-անտեղի բացատրութիւններու:

Այլ խօսքով, «խափշիկ» հոգի ունեցող մարդիկ, թշնամի թէ գաղափարական հակառակորդներ, միշտ ալ իրենց խօսքին եւ ըսելիքին առանցքը դարձուցած են դաշնակցականի անհատական թերացումները, բացթողումները, վրէպները, սխալ կողմնորոշումները: Դաշնակցութիւնը տարբեր առիթներու ինքնաքննադատութիւն կատարելով չէ ծածկած այն իրողութիւնը, որ սխալներ ունեցած կրնայ ըլլալ:

Նման իրողութեան վրայ կու գան աւելնալու,  ՀՅ Դաշնակցութեան մե՛րթ ժուժկալ, մե՛րթ ինքնամփոփ, մերթ չափազանց զգուշ, եւ մե՛րթ աւանդապահի խորհուրդներով առլցուն գործելակերպերը, որոնք պատահած են անցեալին եւ, ըստ էութեան, կը շարունակուին ներկայիս, հայ կեանքի տարբեր բնագաւառներուն մէջ:

Հոս հարկ կա՞յ յիշեցնելու, թէ  Դաշնակցութեան էութիւնը խարսխուած է իր ազգային-յեղափոխական, ընկերային-տնտեսական, քաղաքական-գաղափարական ծառայական գիտակցութեան մէջ: Ա՛լ ինչ խօսք, ուրեմն, հակադաշնակցական պայքարի հնաբոյր մօտեցումներուն հակադարձելու պահանջներ ներկայացնելը:

Վերադառնալով մեր օրերուն, շեշտադրել է պէտք նաեւ այն, որ թէ՛ հակառակորդի, եւ թէ՛ թշնամիին մօտ առկայ է այն շփոթը, հաւանաբար թիւր մօտեցումը, որ, հակառակ այն իրողութեան որ ՀՅԴ-ի ամբողջ ձգտումը եղած է հայրենի պետականութեան  ամուր կառուցումը, այդուհանդերձ, ՀՅԴ-ն պետութիւն չէ՛, յաւակնութիւնն ալ  չունի ըլլալու, եւ որուն պատճառով կը գտնուի, իր կարգին, դժուար կացութիւններու եւ շատ անգամ ստեղծուած քաոսի կիզակէտին:

128-ամեակ:

Գրել այս սրբազան տօնին առիթով, կ՛ենթադրէ լոյսին բերել անցեալի պատուաբեր պատմութիւնը, որուն ոսկեայ էջերուն իր ասպետական անունն ու դրոշմը արձանագրած է ՀՅ Դաշնակցութիւնը:

Այո՛, պատմութիւն, որ արեամբ ու նուիրումի գերազանց օրինակով կերտուած է: Աւելի՛ն. պատմութիւն մը, որ իր սեփական կամքն ու հեղինակութիւնը տարածած է աշխարհագրական տարածքի մը վրայ, որուն տարողութիւնը հազիւ թէ մարդ կարենայ ըմբռնել եւ, այսպէս ըսած, պարփակել որոշ շրջանակի մէջ:

Ինչպէ՛ս կարելի է Թիֆլիսէն ծնունդ առած ու դէպի Կարին ու Արտահան, Մուշ ու Ատրպատական, Ժընեւ ու Միացեալ Նահանգներ, երբեմնի Պոլիս ու Արեւմտեան Հայաստանի ամենախոր գաւառները իր ներկայութիւնը ամրագրած կուսակցութեան մը հսկայ գործունէութիւնը նեղ շրջանակի մէջ սեղմել, պարզապէս նսեմացնելու անոր հմայքը, հեղինակութիւնը:

Այսօր, երբ Հայաստան վերանկախացած է, ու Արցախ ազատագրուած, երբ Դաշնակցութիւնը աւելի քան 25 տարիէ կը գործէ հայրենի հողին վրայ, երբ հայրենի ժողովուրդը կը փորձէ իր ուսերէն թօթուել կեղեքումի տարիները եւ լծուիլ նոր Հայաստանի կերտումին, ահա եւ ազգի դիմաց կը ցցուին նորայայտ այնպիսի խոչընդոտներ, որոնց վերացման համար անպայման ընելիք ունի ՀՅ Դաշնակցութիւնը:

Այո՛, ընելիք  ունի մեր կազմակերպութիւնը, պետական մակարդակի բոլոր աստիճանաւորումներուն մէջ, որպէսզի իր լիարժէք տեղն ու դերը ունենայ նոր Հայաստանի կերտումին մէջ:

Այսինքն, Դաշնակցութիւնը կը գտնուի իր արդի պատմութեան այն փուլին մէջ, երբ հայրենիքի ու ժողովուրդի ծառայութեան իր պատասխանատուութիւնը վերաորակաւորելու հրամայական պահանջին դիմաց է:

Փաստօրէն, ո՛չ նիկոլեան նորափթիթ իշխանափոխութիւնը, ո՛չ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները, ոչ ալ պետական համակարգի մէջ այս կամ այն պաշտօնը պէտք է շլացնէ կամ անոնց բացակայութիւնը` բարոյալքէ մեզ, այլ ընդհակառակը, մեր կազմակերպութիւնը պէտք է լծուի, իր կարգին, հոգեփոխելու դաշնակցական իրականութիւնը, ըլլալու աւելի վճռակամ իր որդեգրած սկզբունքներուն մէջ, վերամաքրուելու եւ ճակատաբաց գտնուելու բիւրեղացման ճամբուն վրայ:

Հաստատապէս, բիւրեղացած ուղիին մասին արտայայտութիւնը կը պարփակէ բացառաբար դաշնակցական սուրբ արժէքներու վերընկալումը, ներքին անախորժ վիճակներէ ձերբազատումը, կազմակերպական կեանքի առաւել ամրակայումը, երիտասարդական-ուսանողական միջավայրի աշխուժացումը, դաշնակցական հմայքի ու հեղինակութեան բացարձակ տիրակալումը:

Անցնող 128 տարիներուն, եթէ երբեք Դաշնակցութիւնը իր նկարագիրը կերտած է  կենդանի գործի մէջ` իր անմնացորդ ծառայութիւնը բերելով, ապա, այսօր, մեր կազմակերպութիւնը յանուն հայ գաղութահայ կեանքի թէ հայրենի պետականութեան ամրապնդման, պարտաւոր է որդեգրելու ժամանակակից կեանքի աշխատելաոճեր, քարոզչամիջոցներ եւ օտարոտի հոսանքներ դիմակայելու հնարաւորութիւններ:

Իսկ մերօրեայ կեանքի հաճոյակատարներու եւ հաճոյախօսներու կ՛ըսենք, որ քննադատութիւնը արժէք է այն ատեն, երբ անոր ընդերքին կը ճառագայթեն երկու հիմնական արժեչափեր` կենդանի գործի ու քրտինքի օրինակը եւ ներքին տառապանքի, դէպի լաւին ձգտելու գիտակցական մակարդակը, այլապէս ամէն քննադատութիւնը կը դառնայ պառաւի բարբաջանք եւ օդին մէջ պղպջակ:

Քաջ հաւատացողն ենք, որ ՀՅ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը պիտի կարենայ խոր եւ համապարփակ քննարկումի ենթարկել նոր ժամանակներու ստեղծուած իրավիճակները, հայ կեանքի մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր մտահոգութիւնները, ներքին ցաւերն ու մտատանջութիւնները, Դաշնակցութեան դէմ ցցուած բոլոր հարցերն ու դժուարութիւնները, ի հարկին կատարելով այնպիսի վճռակամ ախտաճանաչում եւ կազմակերպական կեանքի առողջ քննութիւն, որով պիտի շնչաւորէ եւ վերակենդանացնէ դաշնակցականութիւնը:

Ճիշդ է, որ աւանդապահներ ու գաղափարապաշտներ յաճախ ամբաստանուած են իբրեւ ռոմանթիկ մտածումի տէր անհատներ, այդուհանդերձ, նոր օրերը եկան փաստելու, որ սկզբունքայնութիւնն ու գաղափարին նուիրուելու շատ-շատերու պատրաստակամութիւնը հզօրանքի ու հմայքի պահպանման մեծագոյն գործօններ են` անկաշառ արժանիքները, որոնց պէտք է ձգտիլ, յարատեւօրէն:

Հեռաւոր անցեալին թէ Արցախի ազատագրական պայքարի ժամանակը, դաշնակցական ղեկավարն ու հայդուկը, մտաւորականն  ու գործիչը  իրենց կեանքը նուիրաբերեցին յանուն Վասպուրական աշխարհի գեղջուկին ու ամբողջ Հայաստանի ժողովուրդի պաշտպանութեան:

Մեր այսօրը ոչ մէկ բանով փոխուած է, բացի` արդի կեանքի զարգացումը, ուրեմն, դաշնակցականի իրաւ ռոմանթիզմը, ինչպէս անցեալին, նոյնքան այսօր եւ վաղը անհրաժեշտութիւն է, որպէսզի կարենանք մեզի հասած ժառանգը փոխանցել գալիք սերունդներու:

Այո՛, ՀՅ Դաշնակցութեան ժառանգը, որուն տիրութիւնը ընելու պատիւը բացառապէս կը պատկանի բոլոր անոնց, որոնց հոգիին ու մտքին մէջ ամէն օր կը պատարագեն դաշնակցական վեհափառ տղաները, Քրիստափորէն մինչեւ Ռոստոմ, Նիկոլ Դուման, Անդրանիկ, Քեռի, Արամ, Իշխան ու Նժդեհ, նաեւ` Լիզպոն ու Արցախի մերօրեայ նահատակներ:

Եթէ երբեք դաշնակցական իրերայաջորդ սերունդներ, մարմիններ ու ժողովներ, պատասխանատուներ թէ համեստ շարքայիններ, կը հաւատան իրենց ուժին, կամքին ու փրկութեան, ապա պարտաւոր են ամէն քայլափոխի լոյսին բերել դաշնակցական սխրանքի մեծութիւնն ու յիշողութիւնը, որպէսզի անով աւելի պայծառանան ու լեռնանան:

Իրաւամբ ըսուած է, որ տիպար դաշնակցականի սիրտը տարբեր կը տրոփէ, անոր երակներուն մէջ վրէժի եւ ըմբոստացումի կարմիր հեղուկն է գերակշռողը, իսկ հոգիին մէջ` արարատապաշտութիւնը:

 

 

Viewing all 12047 articles
Browse latest View live