Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12094 articles
Browse latest View live

Նոր Ցեղասպանութի՞ւն Իսլամ Ռոհինկաները Եւ Միանմարեան Բանակն Ու Ժողովուրդը

$
0
0

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ

Այնքան ատեն որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրող ու իրականացնող թուրքը կը մնայ անպատիժ, կարելի պիտի չըլլայ սանձել անոր յաջորդող բարբարոսները:

20-րդ դարուն անպատիժ մնացած առաջին ցեղասպանութեան յաջորդեցին` հրեաներու ողջակիզումը (1941-1945), Ռուանտայի ցեղասպանութիւնը (1994), Տարֆուրի ցեղասպանութիւնը (2003)… ու շատ մը այլ ցեղասպանական փորձեր ու անմեղ ժողովուրդներու նկատմամբ ոճիրներ, ինչպէս` ՏԱՀԵՇ-ի անմարդկային ու արիւնարբու գործողութիւնները, որոնցմէ մէկուն անդրադառնալով` 5 օգոստոս 2017-ին ՄԱԿ կը յայտարարէ. «ՏԱՀԵՇ կը շարունակէ, եզիտիներուն դէմ հալածանքի սկսելէն երեք տարի ետք, Իրաքի մէջ այդ փոքրամասնութեան դէմ ցեղասպանութիւն գործել, սակայն աշխարհ կը թերանայ յանցագործները պատժելու իր պարտականութեան մէջ»:

Այս բոլորը պատահեցան ու կը պատահին, որովհետեւ մղուելով քաղաքական շահերէ` մեծ ու փոքր պետութիւններ մերժեցին ու կը մերժեն դատապարտել Թուրքիան, կը մերժեն պատիժի վճիռ արձակել Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդին դէմ, կը մերժեն ըլլալ արդարամիտ ու խղճամիտ մարդ` նախընտրելով ըլլալ քաղաքական շահերու միմոսներ: Ահա՛, անոնց անմարդկային քայլերուն պատճառով, նոյնիսկ 21-րդ դարուն կը կրկնուին անպատիժ մնացած ոճրագործութիւններ եւ, ինչո՞ւ ոչ, ցեղասպանութիւններ:

Ովքե՞ր Են Ռոհինկաները

Ռոհինկաները Միանմարի մէջ ցեղային փոքրամասնութիւն մըն են: 2017-ին անոնց թիւը կը հասնէր մէկ միլիոնի: Անոնք կրօնով իսլամ են եւ կը կազմեն Միանմարի իսլամներու մեծամասնութիւնը: Ռոհինկաներուն մեծ մասը կ՛ապրի Միանմարի Ռախին նահանգին մէջ:

Անոնք ունին իրենց յատուկ լեզուն ու մշակոյթը եւ կը հաւատան, որ իրենք ժառանգորդներն են արաբ առեւտրականներու եւ այլ խումբերու, որոնք սերունդներ շարունակ գտնուած են այդ շրջանին մէջ: Սակայն միանմարեան կառավարութիւնը, որուն պաշտօնական կրօնն է պուտտայականութիւնը, կը մերժէ ճանչնալ անոնց ռոհինկեան քաղաքացիութիւնը` նոյնիսկ մերժելով ճանչնալ զանոնք իբրեւ ժողովուրդ: 2014-ին միանմարեան կառավարութիւնը նոյնիսկ զանոնք նկատի առած չէ իր մարդահամարի աշխատանքին մէջ` ռոհինկաները նկատելով իբրեւ Պանկլատեշէն հասած ապօրէն գաղթականներ:

1970-էն սկսեալ ռոհինկաները սկսած են գաղթել Միանմարէն դուրս: 2017-ին գաղթականներու թիւը արձանագրած է մեծ աճ մը, իբրեւ հետեւանք` միանմարեան համայնքային բռնութեանց եւ անվտանգութեան ուժերու կողմէ իրականացուող անոնց նկատմամբ չարչարանքներու:

Ինչո՞ւ Ռոհինկաները Խոյս Կու Տան Միանմարէն

25 օգոստոս 2017-ին ռոհինկեան «ARSA» (Arakan Rohingya Salvation Army) բանակը, կամ նախապէս ծանօթ որպէս` «Հարաքաթ էլ եաքին», կը յարձակի միանմարեան 30-է աւելի ոստիկանական զօրակայաններու վրայ:

Ըստ Պանկլատէշ ապաստան գտած ռոհինկաներու, միանմարեան զօրքերը կը հակադարձեն ռոհինկեան բանակի յարձակման` այրելով անոնց տուները եւ սպաննելով տեղւոյն քաղաքացիները:

Այս գաղթական-փախստականները կը պատմեն «տուն առ տուն» ջարդերու մասին: Համաձայն «Medecins Sans Frontieres (MSF)»-ի (Ֆրանսական ծագում ունեցող միջազգային մարդասիրական բժշկական ոչ կառավարական կազմակերպութիւն), այդ շրջանին սպաննուած են նուազագոյնը 6.700 ռոհինկա, որոնց կարգին` հինգ տարիքը չբոլորած 730 փոքրեր: «Էմնըսթի ինթըրնեշընըլ» (Լոնտոն հաստատուած մարդկային իրաւանց ոչ կառավարական կազմակերպութիւն) կը հաստատէ, որ միանմարեան բանակը բռնաբարած ու չարչարած է ռոհինկա կիներ եւ աղջիկներ: Միանմարի կառավարութիւնը կը յայտնէ, որ 400 հոգինոց «մաքրագործման աշխատանք»-ը վերջ գտած է 5 սեպտեմբերին, սակայն ըստ «ՊԻ. Պի. Սի.»-ի թղթակիցներու փաստերուն,  5 սեպտեմբերէն ետք այդ մաքրագործումը շարունակուած է:

Ռոհինկաներ կը պատմեն, որ նախքան մաքրագործման աշխատանքները եւ նախքան ռոհինկեան յարձակումը միանմարցի ոստիկաններու վրայ` միանմարցի ոստիկաններ ծրագրուած կերպով ռոհինկաներու տուներէն կը հեռացնեն սուր գործիքներ ու այլ առարկաներ, որոնք կարելի էր օգտագործել ինքնապաշտպանութեան համար, կը փլեն տուները շրջապատող ցանկապատեր` դիւրացնելու համար ապագայ յարձակումները եւ կը զինեն Ռախինի պուտտայականները:

«Ուաշինկթըն փոսթ» կը յայտնէ, որ միանմարեան ոստիկաններ կանուխ առաւօտ կու գան ռոհինկեան գիւղեր, անխնայ կերպով փամփուշտներ կ՛արձակեն, կը հաւաքեն տղամարդիկը եւ խմբային բռնաբարումի կ՛ենթարկեն կիներն ու փոքրիկ աղջիկները: Թէեւ մահացողներուն ընդհանուր թիւը ճշդուած չէ տակաւին, սակայն այս ոճիրներու ընթացքին կը մահանայ շուրջ 10.000 ռոհինկա:

Անդրադառնալով միանմարեան ոստիկաններու նախապատրաստական ծրագրուած աշխատանքներուն` «Ֆորթիֆայ ռայթց» (Հարաւ Արեւելեան Ափրիկէի մէջ հիմնուած, Զուիցերիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուած մարդկային իրաւանց ոչ կառավարական կազմակերպութիւն) կը հաստատէ, որ այդ մէկը ցեղասպանական քարոզարշաւ է:

Համաձայն «Հիումըն ռայթց ուոչ»-ի արբանեակային նկարներու ուսումնասիրութեան, 2017-ի օգոստոսէն ետք հիւսիսային Ռախինի մէջ ամբողջութեամբ կամ մասամբ հրկիզուած է նուազագոյնը 288 գիւղ (ըստ «Ուաշինկթըն փոսթ»-ի 392 գիւղ):

Ըստ անոնց, նկարները ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՛ս ռոհինկեան գիւղեր դարձած են մոխիր, մինչդեռ միանմարեան գիւղեր կը մնան անեղծ:

«Հիումըն ռայթց ուոչ» կը յայտնէ, որ պատահածներուն մեծ մասը տեղի ունեցած է Մոնկտաու աւանին մէջ, 25 օգոստոսէն 27 սեպտեմբեր 2017-ի միջեւ, երբ Միանմարի տէ-ֆաքթօ առաջնորդ Օնկ Սան Սու Քիի կը յայտարարէ, որ ապահովական գործողութիւնները աւարտած են:

Սա կը նշանակէ, որ միանմարեան կառավարութիւնը ո՛չ միայն կը քողարկէ պատահածները, այլեւ կը խեղաթիւրէ փաստացի իրականութիւններ:

Ի՞նչ  Վիճակի Մէջ Կը Գտնուին Ռոհինկա Գաղթականները

Ռոհինկա գաղթականները` այր մարդիկ, կիներ կամ փոքրեր, Պանկլատէշ կը հասնին հազիւ իրենց հագուստներով կամ քանի մը անձնական ինչքերով: Անոնք Պանկլատէշի սահմանները կ՛անցնին ապաստան փնտռելու համար ու կը հաստատուին  ամայի տարածքներուն վրայ, ուր դժուար կը հասնին մարդկային օգնութիւններ: Այդ գաղթակայաններուն  մէջ անոնք կը տառապին ըմպելի ջուրի եւ ուտեստեղէնի սակաւութենէն: Անոնք վստահաբար կը տառապին նաեւ առողջապահական խնդիրներէ կամ նոյնիսկ եղանակային դաժան պայմաններէ:

Ի՞նչ Քայլերու Կը Դիմէ Միջազգային Հանրութիւնը

Օգնութիւններու կարիքը անսահման է: Հետեւեալ գործերը կը տարուին օգնելու համար տարագիր ռոհինկաներուն.

– Այն գաղթականները, որոնք հաստատուած են ողողումներու կամ սահանքներու հակամէտ տարածքներու վրայ,  կը փոխադրուին այլ ապահով գաղթակայաններ:

– Գաղթականներուն 70%-ը սկսած է ստանալ սննդամթերային օգնութիւն: (Շուրջ 100.000 գաղթականներ կը տառապին յոռի սննդառութենէ):

– Սկիզբ առած է պատուաստման արշաւ մը` կանխելու կամ նուազեցնելու համար զանազան հիւանդութիւններ: Արդէն իսկ 35.000 մանուկներ ստացած են պատուաստներ:

– Արտակարգ դրութեանց յատուկ 47.639 դահլիճներ կառուցուած են Պանկլատէշի կառավարութեան կողմէ:

– Պանկլատէշ կը ծրագրէ նոր պատսպարաններ կառուցել ռոհինկաներուն համար Քոքս Պազար շրջանին մէջ, սակայն կը պահանջէ անոնցմէ չհեռանալ իրենց յատկացուած շրջանէն դէպի անոր շրջակայքը:

Բերանացի Դատապարտումներ` Առանց Պատժամիջոցներու Ձեռնարկման

– ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը դիմած է Միանմարի` խնդրելով վերջ տալ վայրագութեանց, սակայն որեւէ պատժամիջոց չէ պարտադրուած:

– ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու հարցերով ղեկավար Զէյտ Ռաատ Հուսէյնը յայտարարած է, որ Միանմարի պետական ուժերուն կողմէ ռոհինկեան մահմետականներու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը կարելի չէ բացառել:

– Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը խնդրեն միանմարեան ուժերէն` յարգել օրէնքի գերակայութիւնը եւ կասեցնել վայրագութիւններն ու տարագրութիւնը:

– Միանմար տեղահանուածներէն կը պահանջէ ապաստանիլ Ռախին նահանգը: 2017-ի նոյեմբերին Պանկլատէշ Միանմարի հետ համաձայնութիւն մը կը ստորագրէ հարիւր հազարաւոր ռոհինկա գաղթականներ վերադարձնելու մասին, սակայն որոշ մանրամասնութիւններ տակաւին հրապարակուած չեն:

– Մեծն Բրիտանիան 59 միլիոն սթերլին կը տրամադրէ Պանկլատէշ ապաստանածներուն: Բրիտանացի վարչապետ Թերեզա Մէյ յայտարարած է, որ Ռախինի ռազմական գործողութիւնները պէտք է դադրին: Մեծն Բրիտանիան յետաձգած է Միանմարի բանակին մարզումը:

«Ցեղասպանին» Աջակցութի՞ւն

Չինաստանը կ՛ըսէ, որ միջազգային հանրութիւնը «պէտք է օժանդակէ Միանմարի ջանքերուն` ազգային զարգացման կայունութեան պահպանման գործին մէջ»:

Այս չինական ցեղապաշտական յայտարարութիւնը ռոհինկաներու նկատմամբ եթէ ցեղասպան Միանմարի ոճրագործական արարքներուն աջակցութիւն չէ, հապա ի՞նչպէս կարելի է կոչել:

 

Օգտագործուած աղբիւրներ`

  1. https://www.nytimes.com/2018/07/19/world/asia/myanmar-rohingya-genocide.html
  2. https://www.bbc.com/news/world-asia-41566561
  3. https://www.washingtonpost.com/opinions/global-opinions/what-is-happening-in-myanmar-is-genocide-call-it-by-its-name/2018/08/29/611a1090-aafe-11e8-a8d7-0f63ab8b1370_story.html?noredirect=on&utm_term=.9317e45f5b6b

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Ցաւէն Վեր…

$
0
0

Արդէն իսկ երեսուն տարիներ թաւալած են: Անմոռանալի թուական` ամիս, օր եւ ժամ:

7 դեկտեմբեր 1988, առաւօտեան ժամը 11:41:

Այսպէս, ակնթարթի մը մէջ, Հայաստանի հիւսիս-արեւմտեան շրջանը գտնուող երկրորդ քաղաքը` Գիւմրին, եւ անոր մօտակայ գիւղաքաղաքները փլատակ կը դառնային: Յատկապէս Սպիտակի մէջ փուլ կու գային շէնքեր, դպրոցներ, եկեղեցիներ, կեդրոններ, թաղամասեր` խլելով կեանքը մեծ թիւով հայորդիներու: Անխնայ էր բնութիւնը: Երկրաշարժը հարուածած էր նորածին մանուկը, երիտասարդը, չափահասն ու ալեհեր ծերունին:

Այս անգամ բնութիւնն էր, որ կը ջարդէր: Ըստ պաշտօնական տուեալներու, այս աւերիչ երկրաշարժը խլած է շուրջ 25 հազար զոհ եւ, դեռ աւելին, 140 հազար բնակիչ հաշմանդամ եղած է, իսկ այդ օրերուն շուրջ հինգ հարիւր հազար հայորդիներ մնացած են անտուն:

Անբացատրելի ցաւ, խոր ու քանդիչ ցաւ մը, որ մերն էր, իսկ ցաւէն վեր ալ մենք էինք:

6,9 աստիճանի երկրաշարժը սպասուածէն աւելի ծանր հետեւանքներ պիտի չունենար, եթէ խորհրդային օրերուն կառուցուած այդ շինութիւնները յաւելեալ տոկունութեամբ եւ ուսումնասիրութեամբ շինուէին եւ երկրաշարժի դիմանալու ընդունակութեամբ օժտուած ըլլային, իսկ այսպիսի բնական աղէտներու ժամանակ շտապ փրկարար աշխատանքներ կատարելու եւ օգնութեան հասնելու կարելիութիւնը գոյութիւն ունենար: Այդ պատճառով է, որ այս ահաւոր աղէտին խլած զոհերուն եւ պատճառած կորուստներուն տարողութիւնը  անհամեմատօրէն աւելի մահացու եղաւ:

Հանրածանօթ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի տրտունջէն շատ աւելի խոր էր բանաստեղծ Լուտվիկ Դուրեանի (1933-2010) մէկ ազդեցիկ խօսքը, որ ճարահատ եւ ընդվզած կ՛ահազանգէր. «Հիմա հասկացայ, հասկացայ, Աստուա՛ծ, որ քեզ չի տրուած, ո՛չ տեսողութիւն, ո՛չ լսողութիւն: Դու անխիղճ, անխիղճ, դու անսիրտ տկար, դու քար ես, դու քար, գերեզմանի քար»:

Ճիշդ այս աղէտի օրերուն միակամ հայորդին կը պայքարէր Արցախի ազատագրութեան համար: Նոյնքան միասնակամութեամբ եւ համազգային վճռակամութեամբ, այս անգամ` բնութեան պատճառած աւերին դէմ, ան գործի լծուեցաւ: Ամէն կողմէ եւ զանազան բնագաւառներէն` սննդական, առողջապահական, ընկերային, տնտեսական օժանդակութիւնները կը հասնէին: Իւրայատուկ էր դեռ վերջերս առ յաւէտ հեռացած Շարլ Ազնաւուրի կատարած մէկ նիւթաբարոյական բնոյթ ունեցող աշխատանքը: Արդարեւ, երգի բազմաթիւ աստղեր համախմբելով` ան յօրինեց ու այդ երկրաշարժի զոհերուն մատուցեց «Քեզի համար, Հայաստան»-ը:

Ընդամէնը 111 երկիրներ մասնակցեցան օժանդակութեան` տրամադրելով սննդամթերք, դեղորայք, փրկարար սարքաւորումներ, մասնագէտներ, եւ այլն:

Միայն դեկտեմբերեան երկրաշարժի երեսնամեակը չէ որ կը նշուի, այլ նաեւ միակամութեան, անվհատութեան եւ վերաշինութեան երեսնամեակը` ցաւէն վեր մնալու երեսնամեակը: Եւ վերջապէս ցաւէն ալ վեր` «Մենք ենք»-ի երեսնամեակը:

 

Գիւմրի, Ես Քեզ Սիրում Եմ

$
0
0

ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը բաց նամակ յղած է Գիւմրիին:

Ստորեւ կը ներկայացնենք նամակը` ամբողջութեամբ.

«Սիրելի՛ Գիւմրի, երբ դու կարդաս այս խօսքերը, հազարաւոր մարդիկ` հեռւում եւ մօտիկ, հարազատ ու անծանօթ, յարգանքի տուրք մատուցելիս կը լինեն քեզ պատահած մեծ աղէտի` 1988 թուականի դեկտեմբերի 7-ի երկրաշարժի զոհերի յիշատակին: Ես կը լինեմ նրանց շարքում` վերյիշելով այն սարսափելի օրը, երբ ժամանակը կանգ առաւ ճիշդ 11:41-ին` ընդմիշտ փոխելով քո ճակատագիրը: Այսօր կատարուածից անցել է 30 տարի, եւ անհնար է նայել յետ` առանց հայեացքը դէպի ապագայ ուղղելու: Այլ կերպ լինել չի կարող:

Դու քո երկրին ու աշխարհին առաջարկելու շատ բան ունես: Ապագայ սերունդների հետ հին աշխարհի շատ պատմութիւններ ունես կիսելու: Չափազանց շատ հպարտութիւն եւ լաւատեսութիւն, որը կ՛առաջնորդի դէպի նորացուած, վերականգնուած ու հզօրացած ապագայ: Ես այս ամէնից տեղեակ եմ ոչ թէ միւսների պատմութիւնների, այլ սեփական փորձառութեան միջոցով, որն ունեցել եմ քեզ հետ իմ կեանքի ընթացքում:

1960 թուականին ես երեխայ էի, երբ հայրս, ով երիտասարդ ու տաղանդաւոր ճարտարապետ էր, ինձ ներկայացրեց քեզ: Մենք բացայայտեցինք Արփաչայը եւ անմիջապէս քո սահմանից այն կողմ գտնուող հայոց հնագոյն մայրաքաղաքի` Անիի աւերակները:

Իմ հայրը հիանում էր քեզ բնորոշ ճարտարապետութեամբ` սեւ եւ կարմրաւուն տուֆից կառուցուած կամարակապ շինութիւններից մինչեւ բակեր, եկեղեցիներ, խորհրդային շրջանից լաւ ու վատ շինութիւններ: Նա ուզում էր, որ ես ճանաչեմ քեզ, Գիւմրի՛, քանի որ նրա նախնիները կապուած էին քեզ հետ: Նրանք սերում են Էրզրումի շրջանից, Ձիթող գիւղից:

Նրանք այն նոյն մարդիկն են, ովքեր վերաբնակեցրին քո հողերը 19-րդ դարում` փախչելով պատմական հայկական հողերի վրայ օսմանեան ղեկավարների հետապնդումներից: Նա ինձ տարաւ քո Ազգագրական թանգարան` Ձիթողցոնց տուն (ժողովրդական ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղի թանգարան), որտեղ ներկայացւում են այն մարդկանց կեանքն ու ապրած ժամանակները, որոնցից սերում են քո բնակիչներից շատերը: Նրանք խօսում են մեր ընտանիքի նախնիների լեզուով, որն արմատներ ունի դասական արեւմտահայերէնում: Սա, ի հարկէ, վերաբերում է այն մեծ թուով գրողներին ու պոէտներին, որոնց ծնել ես դու, ինչպէս` Աւետիք Իսահակեանը եւ Յովհաննէս Շիրազը:

Դու նաեւ տունն ես մեծ քանդակագործ Սերգէյ Մերկուրովի եւ փիլիսոփայ ու յօրինող Գէորգի Գիւրջիեւի: Անգամ քո աւանդական հագուստն ու ժողովրդական պարերը տանում են Էրզրումից եկող քո ճանապարհով` դառնալով անցեալն ու ապագան կապող իւրօրինակ մի կամուրջ: Իմ հայրը նաեւ ինձ բացատրեց, որ դու վարպետների քաղաք ես, նա քեզ հէնց այդպէս էր անուանում: Մինչ օրս դու հպարտանում ես լաւագոյն արհեստաւոր վարպետներով, ովքեր աշխատում են մետաղների, փայտի ու քարի հետ:

Այս «ուստաները» (հպարտ վարպետները) դեռ կրում են իրենց լաւագոյն օրերի հանդերձանքը եւ շարունակում են այն աւանդական թեքնիքն ու միջոցները` բացառիկ որակ հաղորդելով քո ապրանքներին, որոնց նմանն անհնար է գտնել թէ՛ Հայաստանի ներսում, թէ՛ Հայաստանից դուրս: Այդ ժամանակ ինչպէ՞ս կարող էի իմանալ, որ 28 տարի անց իմ հօր Գիւմրին նման աղէտի առաջ կը կանգնի: Դա խորը ցնցում էր, որը իմ հայրը չապրեց, քանի որ հեռացաւ կեանքից ընդամէնը չորս տարի անց այն շրջապտոյտից, որն իմ սիրտը բացեց քո առջեւ: Անմիջապէս երկրաշարժից յետոյ համալսարանի իմ շատ գործընկերներ, մասնաւորապէս` ուսանողները, շտապեցին օգնել քեզ: Մենք վստահ չէինք, որ կառավարութիւնը կարող է բաւարար քայլեր ձեռնարկել` հաշուի առնելով աղէտի ծաւալները: Բառեր չկան նկարագրելու, թէ ի՛նչ տեսանք: Սակայն բոլոր աւերածութիւններից ու արցունքներից անդին` Գիւմրիի գեղեցկութիւնը, որը ես տեսել էի հօրս աչքերում, ինչ-որ կերպ շարունակեց մնալ իմ մտքում:

Ութ տարի անց ես վերադարձայ քեզ մօտ` այս անգամ արդէն որպէս քո վարչապետ: Քո վնասուածքի մնացորդները դեռ պահպանւում էին քո շուրջ: Ուստի սպասում էի, որ դու ինձ դառնութեամբ կը դիմաւորես, քանի որ մեր կառավարութիւնը պատերազմի դժուարութիւնների ու անկախութեան վաղ շրջանի ցաւերի պատճառով քեզ այն ուշադրութիւնը չէր դարձնում, որին արժանի էիր: Սակայն, ի զարմանս ինձ, դու ինձ դիմաւորեցիր ջերմութեամբ եւ երախտագիտութեամբ: Վերապրածներից շատերն ինձ հրաւիրեցին իրենց տնակներ այնպիսի մեծահոգութեամբ եւ հիւրընկալութեամբ, որը ես երբեք չեմ կարողանայ մոռանալ: Նրանց կողմից արուած հիւրասիրութիւնը, նրանց երգերն ու արտասանած բանաստեղծութիւնները, ի հեճուկս սուղ ու խեղճ պայմանների, վառ վկայութիւնն էին գիւմրեցու յայտնի մեծահոգութեան, որը ես երբեք մոռանալ չեմ կարող: Այսօր ես Հայաստանի նախագահն եմ, սակայն քո մասին, Գիւմրի՛, ես շարունակում եմ մտածել նախ եւ առաջ որպէս հայ, որպէս մարդ, ով լաւ գիտի, թէ ի՛նչ է Գիւմրին, ո՛վ է գիւմրեցին: Այո՛, ինձ բախտ է վիճակուել այցելել աշխարհի շատ հին ու նոր քաղաքներ, որոնք բոլորն էլ ունեն իրենց հմայքն ու գրաւչութիւնը: Սակայն քո բացառիկ բնաւորութիւնն ու ոգու մաքրութիւնն են, որ էլի ու էլի կանչում են ինձ քեզ մօտ:

Սա է պատճառը, որ ես քեզ այցելող ցանկացած օտարերկրացու, ինչպէս նաեւ մեր Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի մեր հայրենակիցներին ասում եմ` ինչպէ՞ս կարող են չսիրահարուել քեզ այնպէս, ինչպէս ես սիրահարուեցի: Ես ուզում եմ, որ նրանք վայելեն քո համերն ու բոյրերը, քեզ յատկանշական աւանդոյթներն ու համեղ խոհանոցը, ինչպէս նաեւ ճանաչեն քո ժողովրդի խելքն ու իմաստութիւնը: Ես կ՛առաջարկեմ առաւօտեան այցելել քո եկեղեցիներից մէկը` ինչպէս յաճախ ես եմ անում, գնալ շուկայ: Ես յաճախ կանգ եմ առնում սրճարանում` մի բաժակ սուրճի շուրջ ծանօթ-բարեկամների հետ «խօսք ու խորաթայ» անելու, կշռելու աշխարհի չարն ու բարին: Թէ յաջողւում է` միանում եմ նրանց Արփաչայի ափերին` մի վայր, որն իր մէջ շարունակում է պահել երիտասարդ տղայի ու նրա հօր յիշողութիւնները` կապուած իրենց նախնիների անցեալի հետ: Ես նաեւ փորձում եմ այցելել քո հին աշխարհի արհեստաւորներին` դարբիններին, փայտագործներին ու կաւագործներին: Լինում եմ հին պանդոկներում, որտեղ տարածւում են Գիւմրիի լեզուն ու խօսքը, որտեղ խօսւում են իւրօրինակ բարբառով, որն արտացոլում է քո աւանդոյթներն ու քաղաքի հպարտութիւնը:

Կարո՞ղ ես գուշակել, թէ ինչո՛ւ է ինձ համար ցաւի ու ամօթի աղբիւր այն, որ տարեկան 30 հազարից էլ քիչ զբօսաշրջիկ է այցելում քեզ: Այդ թիւը պէտք է տասն անգամ աւելի լինի: Ես հաւատում եմ, որ դա բոլորի պարտականութիւնն է այստեղ` Հայաստանում եւ սփիւռքում` անել հնարաւոր ամէն բան` վերադարձնելու քեզ քո բազմամեայ շքեղութիւնը: Ի հարկէ, կը գտնուեն մարդիկ, ովքեր կը հարցնեն, թէ ինչպէ՛ս ես դու տեղաւորելու 300 հազար զբօսաշրջիկների առանց նախ եւ առաջ գումար ծախսելու աւելի շատ ճաշարաններ, սրճարաններ ու հիւրանոցներ բացելու վրայ: Սրան ես կը պատասխանեմ` որպէս սկիզբ առաջարկելով մէկօրեայ այցերը: Միայն սա կը խրախուսի ներդրողներին կառուցել, վերանորոգել եւ վերականգնել քո պատմական թաղամասը: Ինչպէս տեսնում ես, հին աշխարհի քո էութիւնը քո առաւելութիւնն է Երեւանի ու միւս քաղաքների նկատմամբ: Ի վերջոյ, մեր օրերի Երեւանը արդիականացման արդիւնքում կորցրել է իր պատմութեան եւ ժառանգութեան մեծ մասը: Երեւանի հին հատուածն ամբողջութեամբ վերացել է, ուստի մենք մեր հայեացքը դարձնում ենք դէպի քեզ, Գիւմրի՛, բաւարարելու մեր ժառանգութիւնը հասկանալու ու գնահատելու ձգտումը: Քո շատ կառոյցներ հին են, սակայն դրանք պատմամշակութային կառոյցներ են, դրանցից իւրաքանչիւրը շատ արժէքաւոր է, ունի իր իւրայատուկ յատկանիշները: Ես, օրինակ, մտադիր եմ մասնակցութիւն ունենալ որեւէ կառոյցի վերականգնման գործում: Եւ ես խրախուսում եմ միջոցներ ու հնարաւորութիւն ունեցող անձանց` միանալ ինձ: Այս օրերին Երեւանից ցանկացածը կարող է հիւսիս-հարաւ մայրուղիով հասնել քեզ 45 րոպէից էլ քիչ ժամանակի ընթացքում: Ուստի ես հարցնում եմ ինքս ինձ` ինչո՞ւ մենք չենք կարող մեր երեխաներին ու ընտանիքին մէկ օրով կամ հանգստեան օրերին շրջապտոյտի տանել Գիւմրի` այն դէպքում, երբ Հայաստանից աւելի քան` 1 միլիոն զբօսաշրջիկ տարեկան այցելում է Վրաստանի Հանրապետութիւն: Հաշուի առէք, որ 500 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ հանգիստը Վրաստանում, բազմապատկած` 1 միլիոն մարդկանցով, Վրաստանի զբօսաշրջութեան մէջ ապահովում է 500 միլիոն ամերիկեան տոլար: Նման մեծ միջոցները կարող են մրցանշային ժամանակում վերականգնել քո վեհութիւնը: Հաւատացած եմ, որ մեր հայրենակիցները ոչ միայն մեծ բաւականութիւն կը ստանան` բացայայտելով քո մշակութային գրաւչութիւնները, այլեւ ներքին բաւարարութիւն կը զգան` նպաստելով քո վերածննդին, աւելի վառ դարձնելով քո գոյները, վերականգնելով քո կենսունակութիւնը եւ փոխելով քո տրամադրութիւնը: Քո մէջքին այսօր ծանր բեռ կայ, քո ճակատին 30 տարուայ կնճիռ կայ: Սակայն որքան էլ հակասական թուայ, աւերումը միշտ էլ նորի սկիզբն է: Ամէն անգամ, երբ վերադառնում եմ քեզ մօտ, ես նոր բան եմ տեսնում քո երիտասարդների դէմքին, քո նորից շարուած փողոցներում, քո նոր խանութներում ու սրճարաններում, վերականգնուած ուղենշային կառոյցներում, հին թատրոններում, թանգարաններում ու սրճարաններում: Դէպի վերականգնում տանող քո ուղեւորութիւնն ամէն անցնող տարով աւելի է կարճանում: Եւ ես մտադիր եմ հեռաւորութեան վրայ լինել քեզ հետ»:

 

 

Քիմիականի Շահագործումը` Մարդկային Զոհերու Գնով

$
0
0

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»

Սուրիական պատերազմի տարբեր փուլերուն տեղական եւ ռուսական ռազմական կեդրոններ քանիցս յայտնեցին, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ քիմիական մեծաքանակ զէնքեր ունին իրենց տրամադրութեան տակ:

Հալէպի ուղղութեամբ ահաբեկչական խմբաւորումներուն քիմիական նիւթեր պարունակող հրթիռներով վերջին յարձակումը հաստատեց այս տեղեկութիւնը: Այս պարագային, սակայն, տարբերութիւն մը արձանագրուեցաւ: Եթէ նախապէս զինեալ խմբաւորումներու ներկայութիւնը արդարացնելու համար արտաքին կողմեր սուրիական բանակը կ՛ամբաստանէին քիմիական զէնքեր ունենալու ու անոնցմով ահաբեկիչներն ու անոնց ենթակայ շրջանները հրթիռակոծելու յանցանքով, ներկայիս սուրիական բանակի հակակշռին տակ գտնուող շրջաններու մէջ քաղաքայիններ թիրախ կը դառնան:

Հալէպի արուարձաններէն Խան Ասալի մէջ մարտ 2013-ին  բեմականացուած քիմիական առաջին յարձակումէն ի վեր բացայայտ դարձած էր արդէն, որ ահաբեկչական խմբաւորումներ քիմիական նիւթեր ունին իրենց տրամադրութեան տակ, օգոստոս 2017-ին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պարզած էր, որ քիմիական մեծաքանակ  նիւթեր հասած են Հալէպի հիւսիսային Սարաքեպ աւան, «Սպիտակ սաղաւարտակիրներ» մարդասիրական կազմակերպութեան անդամներու միջոցով: Նախարարութիւնը շեշտած էր, որ զինեալներ կը բեմադրեն քիմիական յարձակում մը եւ կը ծրագրեն սուրիական կառավարական ուժերը մեղադրել խաղաղ բնակիչներուն դէմ քիմիական զէնք կիրարկելու յանցանքով: Նոյն ամսուան ընթացքին Իտլիպի մէջ տեղական աղբիւրներ յայտնեցին, որ թրքական սահմանէն  8 տակառ քլոր վերարտադրելու յատուկ քիմիական նիւթ հասած է Ճըսըր Շուղուր:

Նախորդ տարուան ապրիլին Սուրիոյ Խան Շէյխուն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած քիմիական յարձակումը  տեղեկատուական եւ քաղաքական մեծ աղմուկ բարձրացուց: Զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կրկին սուրիական կառավարական ուժերը մեղադրեցին խաղաղ բնակիչներուն դէմ քիմիական զէնք կիրարկելու յանցանքով, մինչդեռ սուրիական կողմն ու Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեցին, որ Սուրիոյ օդուժը հրթիռակոծած էր ահաբեկիչներուն զինապահեստներէն մէկը, ուր քիմիական մեծաքանակ զէնքեր պահուած էին:

Պատահեցան այլ  դէպքեր եւս, որոնց ընթացքին զինեալ ահաբեկիչներ, «Սպիտակ սաղաւարտակիրներ» մարդասիրական կազմակերպութեան անդամներուն հովանաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ, բեմադրեցին քիմիական յարձակումներ եւ սուրիական կառավարական ուժերը մեղադրեցին արտաքին զինուորական միջամտութիւններ իրականացնելու նպատակով:

Վերջին դէպքը ապրիլ 2018-ին արեւելեան Ղութայի Տումա շրջանին մէջ ահաբեկիչներուն բեմադրած քիմիական յարձակումն էր: Նման բեմադրութիւն ի գործ դրուած էր նաեւ Սարաքեպի մէջ մէկէ աւելի անգամներ` ապրիլ 2014-ին, օգոստոս 2016-ին եւ փետրուար 2018-ին:

Որո՞նք են, սակայն, այս յարձակումներէն օգտուողները:

Վերլուծաբաններու համաձայն, հիմնական օգտուողները Արեւմուտքն ու Թուրքիան են, որոնք կը նկրտին արտաքին զինուորական իրենց միջամտութիւնը արդարացնելու եւ Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի, վերականգնումը կարելի եղած չափով յետաձգելու:

Անոնք դիտել կու տան, որ յատկապէս Էրտողան շահագրգռուած է Սուրիոյ քաղաքական անկայունութեամբ, որովհետեւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններն ու յատկապէս Հալէպը իր երկրին կցելու բացայայտ ախորժակ  ունի: Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել Հալէպի գործարաններու թալանն ու անոնց ամբողջ գործիքներուն Թուրքիա տեղափոխումը, ինչպէ՞ս բացատրել Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ Թուրքիոյ կազմակերպած ժողովրդագրական փոփոխութիւնը, յատկապէս` քրտական շրջաններու պարպումով ու այդ շրջաններուն մէջ Թուրքիոյ սահմաններուն վրայ հաստատուած գաղթականներու վերաբնակեցումով:

Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ներկայութեան վերջ պիտի կարենայ տալ Ռուսիան, յատկապէս երբ հաստատէ, որ Թուրքիա չէ յարգած ու մէկընդմիշտ պիտի չյարգէ ո՛չ Իտլիպէն, ո՛չ ալ Հալէպի հիւսիսային արուարձաններէն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները դուրս բերելու իր խոստումը:

 

 

 

ՀՅԴ-ի 128-ամեակի Տօնակատարութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

$
0
0

Ինչպէս միշտ, դարձեալ միասին ենք, սիրելի՛ ժողովուրդ,

Հո՛ս են մեր ժողովուրդի տարբեր խաւերէն եկած եւ Հայաստանի ու հայութեան ջերմութեամբ ապրող անկեղծ, արժանապատիւ ու հպարտ հայորդիները:

Հո՛ս էք բոլորդ,
Հոգեւորական եւ աշխարհական,
Կին ու այր,
Պատանի, երիտասարդ, երէց ու ալեհեր,
Աշակերտ, ուսանող եւ արհեստաւոր,
Հո՛ս էք բոլորդ,
Մշակ, բանուոր, ազատ ասպարէզի տէր, ուսուցիչ, գործատէր, պաշտօնեայ, առեւտրական թէ գործարանատէր:

Հո՛ս էք, քաղաքական այրեր, մտաւորականներ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ազգային հասարակական գործիչներ, բարերարներ, ազգային քաղաքական կուսակցութեանց թէ տարաբնոյթ գործունէութիւն ծաւալած հայկական միութիւններ եւ հաստատութիւններ:

Հո՛ս էք, ընկերուհիներ եւ ընկերներ,
Երիտասարդ դաշնակցականներ,
Եւ հո՛ս էք, մանաւանդ, մեր ժողովուրդի պաշտպանութեան համար ինկած նահատակ ընկերներու հայրեր ու մայրեր, քոյրեր, եղբայրներ:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի մեծ ընտանիքին անունով` բարի գալուստ ձեզի, ձեր ընտանիքին մէջ, ձեր կուսակցութեան 128-ամեակին առիթով:

Մենք ուզեցինք, որ այս տօնակատարութեան ընթացքին նախ հանդէս գայ մեր երիտասարդ ընկերուհին` մեկնելով 128-ամեայ երիտասարդ կուսակցութեան այն մեկնակէտային խոր ու մնայուն հաւատքէն, որ երիտասարդութիւնը մշտական յեղափոխութիւն է եւ վերանորոգող ուժ` յեղափոխական կուսակցութեան մէջ ի՛սկ: Երիտասարդութեան խօսքը տարբեր պէտք է ըլլայ` ե՛ւ խիզախ, ե՛ւ խրոխտ, ե՛ւ գաղափարական, ե՛ւ ապագայասլաց:

Եւ դեռ` երիտասարդութեան խօսքը կը փոխանցէ ընկերուհի մը` իբրեւ ներկայացուցիչ մեր ընկերութեան կէսը կազմող կնոջական զանգուածին, որուն հանդէպ Դաշնակցութեան սիրտը ո՛չ միայն հպարտութեամբ լեցուած է, այլ զայն տեւաբար նկատած է իր զինանշանը բարձր պահող բռունցքին, արդար աշխատանքի խորհրդանիշ բահին, ճշմարիտ, պատասխանատու եւ ազատ խօսքի խորհրդանիշ փետուրին ու ամէն տեսակ իրաւազրկումի դէմ ցցուող ու մարդը, հա՛յ մարդը ազատագրող սուրին կրքոտ պաշտպանը, ֆետային, մտաւորականը, կազմակերպիչը, պատասխանատուն, ազատամարտիկը, մշակն ու բանուորը, ուսուցիչն ու դաստիարակը: Այլ խօսքով, հայ ժողովուրդի գերագոյն նպատակներուն հաւատացող ու մարտնչող գիտակից զանգուածին գործին ու խօսքին հաւասարազօր մղիչ ուժը եւ ուժականութիւնը:

Մեզի համար բացարձակ ճշմարտութիւն է նաեւ այն, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կուսակցականներու համախմբում չէ միայն: Դաշնակցութիւնը գաղափարական շարժում է, եւ այդ շարժումը խորքով ու տարողութեամբ կարելի չէ սահմանափակել կազմակերպական նեղ սահմաններու մէջ: Եւ ճիշդ այս իրականութեան ու հաւատքին արտայայտութիւնն է, երբ ոչ կուսակցական անձնաւորութիւն մը խօսք կ’առնէ այս բեմէն` Դաշնակցութեան մասին: Ոչ կուսակցականներու մասնակցութիւնը ՀՅ Դաշնակցութեան ընդհանրական գործին` լաւագոյն փաստն է այն վստահութեան, որ կուսակցութիւնը ունի իր գործին հանդէպ, եւ մեզ շրջապատող ժողովրդային զանգուածները ունին մեզի հանդէպ: Կուսակցութեան մը գոյութիւնը կ’արժեւորուի իր համակիրներուն հաւատքով, վստահութեամբ եւ նեցուկով: Մենք հպարտ ենք ձեզմով, ոչ կուսակցական, Դաշնակցութեան համակի՛ր հայորդիներ:

Սիրելի՛ հայորդիներ,

Անցնող 128 տարիներու հայոց պատմութեան մէկ անքակտելի մասն է ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Պատմական առարկայականութիւնը տարբեր բան չի կրնար եզրակացնել, նոյնիսկ` Դաշնակցութեան հակադիր, թշնամի, զինք ոչնչացնել ցանկացող շրջանակներու համար:

Այսօր փորձութիւնը ունենանք մտածելու, երեւակայելու, հարցադրումներ կատարելու եւ այդ ճամբով պատկերացնելու, թէ ինչպիսի՛ պատմութիւն պիտի ունենայինք անցնող 128 տարիներուն, եթէ գոյութիւն չունենար Դաշնակցութիւնը: Կրնայ գիտական մօտեցում չըլլալ այս մէկը, սակայն թերեւս մեր առջեւ կը բանայ նոր հորիզոններ, մեր մտածումները վերարժեւորելու ենթահող ու վաղուան մեր հաւաքական գործը յաւելեալ կազմակերպուածութեամբ հունաւորելու կարելիութիւն: Առաւելագոյն առարկայականութեամբ փորձենք կիսել այս փորձութիւնը` առանց թերագնահատելու նոյն ժամանակաշրջանին մեր կեանքին մէջ դերակատարութիւն վերցուցած այլ ուժերու, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներդրումը:

Եւ ահա` փորձութիւնն ու հարցադրումները:

19-րդ դարու հայկական զարթօնքը կարիքը ունէր կազմակերպական ենթահողի եւ գաղափարական խմորումները բիւրեղացնող, միաւորող եւ զանոնք գործի վերածող ուժի: Չըլլար Դաշնակցութիւնը` յեղափոխական խմբակները միացնող Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւնը, պիտի ըլլա՞ր ուրիշը:

Հայ գիւղացիութիւնը երկրին մէջ ու հայութիւնը առհասարակ իր հողին վրայ` Արեւմտահայաստանի մէջ ենթակայ էր թրքական ամենավայրագ ճնշումին, հարստահարութեան, բռնաբարումի, սպանդի, ինքնուրոյնութեան եւ հայկականութեան կորուստի: Չըլլար Դաշնակցութիւնը, նոյն ուժգնութիւնը պիտի ունենա՞ր հայկական յեղափոխութիւնը:

Հայ բանուորը կը շարունակէր շահագործուիլ Արեւելահայաստանի մէջ: Հոն եւս ինքնութիւնը կորսնցնելու վտանգին առջեւ էր հայութիւնը: Բանուորին, գիւղացիին ու հայ մարդուն դատը պաշտպանող ընկերվարական Դաշնակցութիւնը եթէ չըլլար, ի՞նչ դիմագիծ պիտի ունենար արեւելահայութիւնը:

Կարելի՞ է երեւակայել թրքական բռնատիրութեան դէմ ցցուող ժողովրդային ապստամբութիւնները, հերոսամարտերը` առանց Դաշնակցութեան մարտիկներու մասնակցութեան, իբրեւ զինուոր կամ հրամանատար, իր ժողովուրդի զաւակներուն կողքին, թեւ եւ թիկունք ու մանաւանդ նահատակ` բարձր պահելու համար հայութեան դրօշը, պատիւը, անկոտրում կամքը, ինքնութիւնը:

Ինչպէ՞ս երեւակայել Ցեղասպանութեան զոհ գացած, տեղահանուած ու արաբական անապատներուն մէջ իր հոգին քաշկռտող հայ մօր տառապանքը` առանց անոր զուգորդուած տեսնելու Դաշնակցութեան ու դաշնակցականներու ոգեշնչող ներկայութիւնը, վիշտը ամոքելու, կեանքը իմաստաւորելու, հայութիւնը վերընձիւղելու, գաղթաշխարհի կեանքը կազմակերպելու ու Թուրքիոյ ոճիրին դէմ, անոր կողին մնայուն դաշոյնը իր ձեռքին մէջ պահելու իրականութիւնները:

Թրքական հորդաներուն դէմ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի մէջ բահով, բրիչով ու զէնքով թումբ կանգնած եւ 28 մայիս 1918-ով անկախ Հայաստան հաստատած հայութիւնը պիտի կարենա՞ր կռուիլ ու անկախանալ` առանց դաշնակցական Արամ Մանուկեանի եւ դաշնակցական ֆետայիներու:

Իսկ եթէ չըլլար Արամ Մանուկեանով անկախ Հայաստանը, պիտի մնա՞ր հայութիւն, պիտի մնա՞ր Հայաստան, եւ ի՞նչ աւերակներու ու խլեակներու վրայ պիտի հաստատուէին պոլշեւիկեան ուժերը ու հաստատուէր Խորհրդային Հայաստանը: Ու եթէ չըլլար 28 մայիսը, ինչպէ՞ս պիտի ըլլար Խորհրդային Հայաստանը, եւ այսօր ինչպէ՞ս պիտի ըլլար նոր Հայաստանը:

Եթէ չըլլար Դաշնակցութիւնը, ի՞նչ ճակատագիրի պիտի մատնուէին սփիւռքն ու սփիւռքահայը: Կազմակերպական ի՞նչ վիճակ պիտի պարզուէին արտահայաստանի կրթական, մշակութային, կրօնական, մարզական, երիտասարդական, բարեսիրական, մամուլի եւ հրատարակչական, այլ խօսքով` հայապահպանման ընդհանուր գործընթացը, ազգային պատկանելիութեան խնդիրը, Հայ դատի հետապնդումը, մեր համայնքներու եւ իրենց ապրած երկիրներու մէջ քաղաքական ներկայութիւնը եւ այդ ուժը ի սպաս մեր ժողովուրդի պաշտպանութեան եւ բարօրութեան դնելու պատրաստակամութիւնը, ի հարկին` ինքնապաշտպանութեամբ եւ արեան տուրքով:

Ո՞վ պիտի պատժէր ցեղասպանութիւն գործած ոճրագործները, ո՞վ պիտի կազմակերպէր «Նեմեսիս»-ը եւ ո՞վ համայն քաղաքակիրթ աշխարհին պիտի յուշէր, որ ցեղասպանութիւնը կ’արգիլուի, երբ ցեղասպանութեան հեղինակը կը պատժուի:

Եթէ Դաշնակցութիւնը չյուշէր Հայ դատի հետապնդման ճամբուն վերադառնալ հայկական յեղափոխական աւանդներուն, ո՞վ ճամբան պիտի բանար Հայ դատը քաղաքական դաշտէն պահանջատիրական ուժական դաշտ փոխադրելու, ներշնչման աղբիւր ըլլալու հայ ազատամարտիկներու եւ յիշեցնելու ողջ աշխարհին, բայց մանաւանդ` ցեղասպան Թուրքիոյ, որ հայութիւնը է՛ ու պիտի՛ մնայ պահանջատէր, այնքան ատեն որ ան չէ տիրացած միջազգային իրաւունքով ճշդուած իր բարոյական ու նիւթական հատուցումին, եւ ոճրագործի պատին չէ գամուած Թուրքիան:

Հայ ժողովուրդի արժէքային համակարգին ու հայութեան խորթ ապազգային համայնավարութիւնը ո՞վ պիտի քննադատէր, անոր բռնատիրական դիմագիծը ո՞վ պիտի խարանէր` Հայաստանի մէջ թէ արտերկրի, եթէ չըլլար Դաշնակցութիւնը: Ու եթէ չըլլար ան, ո՞վ գաղափարական սնունդ պիտի ներարկէր Հայաստանի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն, թէ օտար վարդապետութիւններ եւ օտար գրաւումներ չեն կրնար երկար գոյատեւել: Վարչակարգերը ժամանակաւոր են, գրաւող ուժերը վարձկաններու կը վերածուին, իսկ հիմնականը հողն է, հայն է, որ մնայուն են, իսկ մնացեալը` գնայուն:

Եւ եղաւ Արցախի գոյամարտ, ազատ ու անկախ Արցախ:

Եւ եղաւ համայնավար վարչակարգը խորտակող Հայաստան ու հայութիւն:

Արցա՛խ էր ու Հայաստան` Դաշնակցութեան միտքը, գաղափարը, ոգին: Հոն էին դաշնակցական մարտիկներ, դաշնակցական գումարտակ եւ ազատագրուած հողեր, ազատագրուած միտք:

Չըլլա՞ր Դաշնակցութիւնը:

Սիրելինե՛ր,

Կարելի է երկարել հարցադրումները: Կարելի է պատմական փաստեր բերել ու խօսիլ Դաշնակցութեան դերակատարութեան մասին Հայաստանի ու Արցախի, սփիւռքեան ամէն գաղութի մէջ, տարբեր բնագաւառներու մէջ: Ու մտածել, թռիչք տալ երեւակայութեան, ծանրախոհութեամբ կշռադատել ու տեւաբար հարց տալ.

Չըլլա՜ր Դաշնակցութիւնը:

128 տարի տեւաբար Դաշնակցութեան քանդումը նախատեսող, անոր քայքայումը ցանկացող, անոր յուղարկաւորութիւնը կազմակերպող, ժողովուրդի թշնամին նկատող, զայն պուրժուական հաւաքականութիւն ներկայացնող հայ եւ օտար բոլոր ուժերն ու սպասարկութիւնները, հակառակ իրենց համադաշնակցական մոլուցքին, գազազած կիրքերուն, հակառակ կատաղի հակադաշնակցութեան, Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին հեռացնելու անխոնջ ջանքերուն, կրցա՞ծ են գտնել պատասխան, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս ապրեցաւ ու դեռ պիտի ապրի Դաշնակցութիւնը:

Բայց կա՛յ Դաշնակցութիւնը: Կա՛յ ու պիտի՛ ապրի Դաշնակցութիւնը:

Թէ ինչո՞ւ,

Որովհետեւ ան ծնաւ պատմական անհրաժեշտութենէ,

Ծնաւ ժողովուրդին համար ու կ’աշխատի ժողովուրդին համար:

Կայ ու կ’ապրի Դաշնակցութիւնը` շնորհիւ իր գաղափարական ուժին, ժողովրդավարական ու ապակեդրոն կազմակերպուածութեան, անդամներուն կարգապահական բծախնդրութեան եւ խօսքէն առաջ` իրական գործին հաւատալու եւ զայն կեանքի վերածելու անզիջող վճռակամութեան:

Դաշնակցութիւնը կա՛յ ու կ’ապրի շնորհիւ ձեզի, սիրելի ու արժանապատիւ հա՛յ ժողովուրդ:

Դաշնակցութիւնը կայ ու կ’ապրի` շնորհիւ իր կեանքին վրայ երդում կատարած ու հայութեան եւ Հայաստանի համար դաշնակցական դարձած ընկերուհիներուն եւ ընկերներուն:

Դաշնակցութիւնը կայ ու կ’ապրի, որովհետեւ երբ հրապարակ եկաւ իր հիմնադրութիւնը ծանուցող ՀՅԴ առաջին մանիֆեսթով, ճշդեց իր նպատակները, կազմեց ՀՅԴ Ծրագիր, գործունէութեան ծրագիրներ որդեգրեց, ժողովրդավարութիւնը իբրեւ ընդհանրական հաւատք` կիրարկեց  ներքնապէս, նետուեցաւ հրապարակ ու կայծ առած յեղափոխութիւնը տարածեց, զայն դարձուց համաժողովրդական ինքնասրբագրում եւ վերարժեւորում կատարեց, ինքզինք վերանորոգեց ու ամբողջ 128 տարի գործեց` առանց վարանումի, խիզախութեամբ եւ ապագայապաշտ տեսլականով:

Մենք ՀՅ Դաշնակցութեան մէջ սորվեցանք պաշտել Հայաստանը: Հոն դարձանք աւելի հայ, Հայաստանի ու հայութեան համար անզիջող հայ: Սորվեցանք ըլլալ հայադրոշմ` առանց ուրիշը մերժելու, անհատականէն անդին` հաւաքական հայութեամբ ծայրայեղօրէն ու արմատականութեամբ մաքառող հայ:

ՀՅ Դաշնակցութեան համար Հայաստանը եղած է ու կը մնայ գերագոյն արժէք, ի՛ր իսկ գոյութեան իմաստը:

Եւ որովհետեւ Դաշնակցութեան մէջ սորվեցանք պաշտել Հայաստանը, ականջալուր եղանք անոր կանչին ամէնուրեք եւ ամէն ժամանակ:

Իր ծրագիրով իսկ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը գերնպատակ նկատող Դաշնակցութիւնը անզիջող է, երբ կը վտանգուի ազատութիւնը, անկախութիւնը, եւ` երբ մոռացութեան կը տրուին միացեալ Հայաստանի ու ամբողջական հայութեան գաղափարները:

Ու երբ վտանգուին ազատութիւնը, անկախութիւնը, հողը, ժողովրդավարութիւնը, ընկերային բարօրութիւնը, մենք բոլորս անխտիր զինուորներն ենք Հայաստանի ու կռիւի առաջամարտիկները, թէ ո՛վ կը ղեկավարէ երկիրը տուեալ ժամանակին, երկրորդական է միշտ: Հիմնականը Հայաստանն է:

Եւ Հայաստանի համար, անոր յաւերժութեան համար, զայն պաշտպանող հայոց բանակին համար արժէ ամէն ինչ տալ:

Ահա թէ ինչո՛ւ պատմական անհրաժեշտութեամբ Հայաստանի մէջ վերընձիւղուեցաւ Դաշնակցութիւնը իբրեւ կազմակերպութիւն, երբ արդէն տասնամեակներ շարունակ ան մարդոց հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ էր:

Ահա թէ ինչո՛ւ Հայաստանի ու հայութեան յաւերժութեան համար մենք դէմ ենք ամէն տեսակի ապահայացնող, այլանդակութեան առաջնորդող, ապազգայնացնող, ազգային գաղափարախօսութիւնը ոտնակոխ ընող, աննպատակ զիջումներ ճառող կեցուածքներու եւ ուժերու:

Պաշտելի Հայաստանի մէջ այս արժէքներու պաշտպանութեան իբրեւ հետեւանք` եղաւ խորհրդային իշխանութիւններու հալածանքը Դաշնակցութեան դէմ:

Նոյն պատճառներով եւ Թուրքիոյ նկատմամբ թէ Արցախի հարցով զիջումնային քաղաքականութիւն որդեգրած Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան հալածեց Դաշնակցութիւնը ու փորձեց հարուածել մեզ:

Նոյն ելակէտով պայքարեցանք նախագահ Սերժ Սարգսեանի դէմ` Հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրութեան ժամանակաշրջանին, եւ հալածանքի ենթարկուեցանք: Չհասկցուեցանք, երբ տեւաբար հնչեցուցինք Հայաստանի սպառնացող փտածութեան, օլիկարգի, արտագաղթի, ազատութիւններու բռնաբարման վտանգը եւ զայն դարձուցինք առաջնահերթութիւն` հայաստանեան մեր քաղաքականութեան մէջ: Պայքարեցանք հայօրէն, նախանձախնդրութեամբ, վեհանձնութեամբ` կառավարութեան մաս կազմելով կամ ընդդիմութեան մէջ ըլլալով:

Եւ եկաւ մայիսը: Նախորդ իշխանութիւններուն մօտ մեր կողմէ մատնանշուած վտանգներու յամեցումը եւ լուրջ ու զսպիչ քայլերու բացակայութիւնը մայիսը վերածեց ժողովրդային ցասումի ու այդ ցասումը առաջնորդեց իշխանափոխութեան: Շարժումի ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ այս շարժումին «Թաւշեայ յեղափոխութիւն» անուանումը անոր տուաւ յաւելեալ զգացականութիւն, տեսակ մը` ռոմանթիզմ:

Դաշնակցութիւնը, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, անմիջապէս ողջունեց ժողովրդային շարժումը, կանգնեցաւ անոր կողքին, առաջինը եղաւ, որ քանդեց նախկին կառավարական քոալիսիոնը, միաժամանակ անհրաժեշտ նկատեց մտածուած, հիմնաւորուած ու ծրագրուած փոփոխութիւններ, ժողովրդավարութեան պահպանում եւ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութիւն: Սկզբունքներ, որոնք ժողովրդային ցասումը կ’առաջնորդէին իրաւ յեղափոխութեան, հոգիներու եւ մտքերու ազատագրման, հպարտ քաղաքացիի կառուցումին, անաչառ, անկեղծ, հայադրոշմ արժէքները պահող ժողովրդավար պետութեան մը, որ ապաւէն պիտի ըլլար իւրաքանչիւր հայու:

Ու եթէ մատնանշեցինք կարգ մը սխալներ, բացթողումներ, կարծրացած տեսակէտներ, մտահոգուեցանք երկրի ընկերային, հողային թէ պետական անվտանգութեամբ, ու եթէ ժողովրդավարութեան սկզբունքով բարձրաձայնեցինք մեր կեցուածքները, այդ բոլորը ըրինք, որովհետեւ պաշտելի է Հայաստանը, եւ որովհետեւ մենք կը ձգտինք կատարուածը հասցնել յեղափոխութեան ու Հայաստանը վերածել անսասան ամրոցի, ամէն հայու տան, ողջ հայութեան Հայաստանի:

Երբեմն չհասկցուեցանք, երբեմն վարկաբեկուեցանք, երբեմն չարախօսութեան կամ թունաւոր հարուածներու ենթարկուեցանք, սակայն քաղցր է Հայաստանի համար այս լուծը շալկել:

Նահատակներ տուած, իր լաւագոյն տղաքը անարդարօրէն բանտերու մէջ տեսած Դաշնակցութիւնը չի կրնար կանգ առնել պաշտելի Հայաստանը ամուր ու յաւերժական տեսնելու իր գոյամարտին մէջ:

Այս կիրակի Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւս, իբրեւ քաղաքական ուժ, կը մասնակցի իր առաջադրած թեկնածուներով, բայց մանաւանդ` քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ընտրական լուրջ ծրագիրով: Ինչ ալ ըլլան ընտրութեանց արդիւնքները, Դաշնակցութիւնը յաջողի մուտք գործել խորհրդարան կամ ոչ, Դաշնակցութիւնը պիտի մնայ Հայաստանի մէջ, պիտի գործէ եւ իր գործին միանալու պիտի հրաւիրէ, ինչպէս միշտ, Դաշնակցութեան աշխարհատարած կազմակերպութեան տարբեր կառոյցներ, իր համակիր զանգուածը ու իր առաւելագոյն ճիգը ի գործ պիտի դնէ Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման, ազգային գաղափարախօսութեան պահպանման, ամրապնդման եւ ճառագայթումին համար:

Մենք կը հաւատանք, որ տասնամեակներու ընթացքին կուտակուած ժողովրդային կարիքներու անտեսումը, պետական ինչքի կողոպուտը, փտածութիւնը, զանազան մարզերու մէջ կատարուած օրէնքներու բռնաբարումները, սակաւապետական մտածողութիւնը, գիւղացիներու եւ բանուորներու հարստահարումը, դասակարգային տարբերութեանց խորացումը, արտագաղթը, երկրի պաշտպանութեան բացթողումները եւ դեռ` բազում ընկերային, կենցաղային խնդիրներ, հարցեր են, որոնք ընտրարշաւի ընթացքին բարձրացնելէ, միթինկներու ճառերու նիւթ հայթայթելէ ու քուէ ապահովելէ անդին` կը կարօտին լուրջ քննարկումի, լայն խորհրդատուութեան, ծրագրուած աշխատանքի:

Ընտրութիւնները կիրակի գիշեր կ’աւարտին:

Ու որպէսզի ժողովրդային շարժումը վերածուի իսկական յեղափոխութեան, երկուշաբթի, 10 դեկտեմբերը հաւաքական պատասխանատուութեամբ կրնայ մեկնակէտը ըլլալ նոր Հայաստանի կառուցման, բոլորիս Հայաստանի կերտման հազար մղոնի արշաւին:

Լիբանանի հպա՛րտ հայորդիներ,

Անցնող տարեշրջանը Լիբանանի համար եղաւ քաղաքական ու տնտեսական ալեկոծ ժամանակաշրջան: Հակառակ քաղաքական բեւեռացումի` երկիրը ապահովական ցնցումի չենթարկուեցաւ: Մայիսի խորհրդարանական ընտրութիւնները նոր թափ տուին քաղաքական աշխուժութեան, որ, սակայն, ցարդ չթարգմանուեցաւ նոր կառավարութեան մը կազմութեամբ:

Մայիս 6-ին կատարուած խորհրդարանական ընտրութիւնները եւ այդ ընտրութիւններուն մասնակցողներուն համեմատութեան անկումը լաւագոյն ցուցանիշն է այն խոր դժգոհութեան, որ ունի լիբանանցի քաղաքացին երկրի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու կենցաղային ոլորտներուն նկատմամբ: Այսուհանդերձ, Լիբանանի հայութիւնը իր մասնակցութեամբ մեզի շնորհեց երեք երեսփոխաններով Հայկական պլոքի կազմութիւն` յայտնելով իր վստահութիւնը մեզի հանդէպ, միաժամանակ մեզ դնելով յաւելեալ պատասխանատուութեամբ ժողովուրդին հարցերը հետապնդելու եւ լուծելու, միացած իբրեւ պետական երեսփոխաններ օրէնսդրական պարտաւորութեանց մէջ յաւելեալ ներդրում կատարելու հրամայականին առջեւ:

Դիւրին չէր ընտրապայքարը: Մեր ամբողջ ճիգը հայութեան ձայնը հայկական միջավայրի եւ հայ քաղաքական կուսակցութեանց արձագանգ եղող ձայնի հաստատումն էր: Միակ քաղաքական ուժն էինք, որ իր ընտրազանգուածին կոչ ուղղեց` քուէարկելու Հնչակեան կամ Ռամկավար կուսակցութեանց թեկնածուներուն, եթէ չեն ուզեր քուէարկել Դաշնակցութեան: Հայութեան միասնականութիւնը եւ մեր գաղութի անվտանգութիւնը մեզ կը պարտաւորեցնեն մտածել ու շարունակել գործել նոյն այս ոգիով:

Դժբախտաբար ընտրարշաւի ընթացքին լիբանանցի հայ քաղաքացին վարակուեցաւ նաեւ ընտրական վատ բարքերէ: Ընտրակաշառքին առջեւ տկարացան շարք մը հայեր, քուէավաճառք կատարուեցաւ, ու քուէին հետ գնուեցաւ նաեւ հայ քաղաքացիին ազատ խիղճը: Երբեմն նաեւ հայեր քուէարկեցին ոչ հայ թեկնածուներու` մոռնալով, որ վերջին հաշուով տակաւին համայնքային դրութեամբ գործող այս երկրին մէջ իւրաքանչիւր անհատ կը վերադառնայ իր համայնքին, իր կուսակցութեան, որոնք պարտին լուծել իր հարցերը: Ժխտական երեւոյթ մը, անկասկած, որ սակայն իրականութիւն է:

Մենք շնորհակալութեան խօսք ունինք անոնց, որոնք քուէարկեցին ի նպաստ մեր թեկնածուներուն:

Ձեր քուէն վստահութեան քուէ է անկասկած,
Ձեր ազատ կամքի պահպանման, ինքնութեան պահպանման, Լիբանանի հայութեան ամրացման քուէն է:
Ձեր ազատ կամքի քուէն է:
Հպարտ հայու քուէն է:
Ձեր վարձքը կատա՛ր:

Իսկ միւսները, հակառակ իրենց քուէին, են ու կը մնան մեր ժողովուրդի զաւակները, թէեւ` իրենց քուէով այլընտրանք կատարած կամ կաշառուած ու խոստումներ ստացած: Անոնք մեր մեծ ընտանիքի անդամներն են, փորձառութեամբ կրնան տեսնել ճիշդը ու վերանայիլ իրենց ընտրանքը: Մեր դռները բաց են բոլորին դիմաց:

Կը կրկնենք միշտ, որ մենք հպարտ քաղաքացիներ ենք, հպարտ ենք մեր հայութեամբ ու լիբանանցիութեամբ: Քաղաքացիական մեր պարկեշտութիւնը կու գայ երկրի ամբողջականութեան, ազատութեան, անկախութեան, միասնաբար խաղաղութեամբ ապրելու սկզբունքէն:

Տիպար քաղաքացի ըլլալ, սակայն, չի նշանակեր վիզը ծուռ ըլլալ, այլ պատիւի արժանի, յարգանքի արժանի քաղաքացի ըլլալ կը նշանակէ: Տիպար ու հպարտ լիբանանահայ ըլլալ` չի նշանակեր ըլլալ տկար, լեզուն կուլ տուած եւ իր իրաւունքներուն ոտնակոխման դիմաց չաղաղակող անհատ կամ հաւաքականութիւն:

Մենք հպարտ ենք, որ կառուցեցինք այս երկիրը:
Հպարտ ենք, որ չմասնակցեցանք Լիբանանը քանդելու խելագարութեան:
Հպարտ ենք, որ լիբանանեան դրօշ չենք այրած, այլ տեւաբար բարձր պահած ենք զայն:
Հպարտ ենք, որ ո՛չ սպաննած ենք, ո՛չ առեւանգած, ո՛չ թալանած,
այլ մնացած ենք լիբանանեան հայրենիքին հաւատարիմ ու մեր փորձառութեամբ հարստացուցած ենք Լիբանանն ու Լիբանանի ժողովուրդը:

Մեր այս կեցուածքները, սակայն, սակարկութեան նիւթ չեն դառնար, երբ խնդրոյ առարկայ կը դառնան հայութեան արժանապատուութիւնը եւ համայնքային իրաւունքները: Մեր գուրգուրանքը Լիբանանի հանդէպ եւ պարկեշտութիւնը ո՛չ կարելի է եւ ո՛չ ալ արտօնելի` տկարութեամբ թարգմանել հաւասարապէս դաշնակիցին եւ ընդդիմադիրին մօտ:

Մենք պիտի շարունակենք հաւատալ Լիբանանի եզակիութեան: Պիտի շարունակենք պաշտպանել Լիբանանի հայութիւնը եւ հետապնդել մեր իրաւունքները:

Լիբանանի հայութեան ինքնութեան պահպանման ու ամրապնդման հարցը կը շարունակէ մնալ մեր աշխատանքներուն կիզակէտը: Հայութենէ օտարութիւն արտահոսքը ինքնութեան կորուստ է, ազգայինէն ու հաւաքականէն դէպի անհատական ԵՍ` կղզիացումն է ու, վերջապէս, հայկական ծագումով աշխարհաքաղաքացիի տիպարին նոր հանդերձն է: Այս ձեւով նոր հայու տիպարը չէ, որ կը ստեղծուի, այլ` հայու աղաւաղուած, խճճուած, այլափոխուած մէկ նոր տիպար, որուն հայկականը զուտ ծագումնային է, իսկ մնացեալը ամէն ինչ` բացի հայկականութենէ:

Այս ճիգը կը պահանջէ հաւաքական աշխատանք, եկեղեցի, դպրոց, կուսակցութիւններ, միութիւններ ու մտաւորական շարժում, որոնք իւրաքանչիւրը առանձնաբար ու բոլորը միասնաբար պարտին ահազանգը լսել: Լիբանանի հայութիւնը կարիքը չունի գեղեցիկ ու մարմարապատ շէնքերու, այլ` հրամայականօրէն հայ մարդու կոթողական վերականգնման ու հայեցի ինքնութեան վերընձիւղման:

Լիբանանի մէջ քանդել հայութեան ինքնութիւնն ու հայկականութիւնը` կը նշանակէ հարուածել սփիւռքահայութիւնն ու Հայաստանը, կը նշանակէ հեռանալ Հայ դատի բարւոք լուծման գործընթացէն: Այլ խօսքով, կը նշանակէ շարունակել ու յաջողութեամբ իր լրումին հասցնել թուրքին սկսած ու կիսած մնացած գործը:

Լիբանանի հայութեան քանդումը կը ցանկան շատ մը օտար ուժեր: Գէթ հայութիւնը իր կրօնական եւ աշխարհական պատասխանատուներով ու ժողովուրդը հաւաքաբար պարտի հայու ձեռքով չիրականացնել թուրքին ու օտարին երազը:

Առհասարակ հայութեան ու յատկապէս լիբանանահայութեան համար հիմնաքար է իր երիտասարդութիւնը: Երիտասարդութիւնն է այն կարողականութիւնը, որ վաղը պիտի ստանձնէ մեր ժողովուրդին պատասխանատուութիւնը, շարունակէ վառ պահել կրակը, աւելիով բորբոքէ զայն ու իրականացնէ վերանորոգ իր երազը:

Բնական է եւ կեանքի օրէնք, որ տեւական դժգոհութիւն ծաւալի երիտասարդ սերունդին մօտ` երէց սերունդին նկատմամբ: Հակառակը պատմութեան ընթացքը կասեցնել կը նշանակէ:

Նոյնքան բնական է, որ երէց սերունդը մտահոգ ըլլայ այդ երիտասարդութեամբ ու գուրգուրանք ցուցաբերէ անոր նկատմամբ:

Բնական է ու հասկնալի` «որդիների պայքարը հայրերի դէմ», ծնողներու դէմ, աւանդական կարծրատիպերու դէմ, ընդունուած սովորութիւններու դէմ:

Բնական է, որ երիտասարդը պարտի քանդել` կառուցելու համար նորը: Ու այդ նորը պէտք է ըլլայ նախկինէն լաւ, նախկինէն ուժեղ, նախկինէն ամուր: Այդ նորը ամէն պարագայի պէտք է ըլլայ հայադրոշմ:

Համաշխարհայնացման կատաղի թաւալքին հետ, անհատը գերադաս ու ապա զայն թիւ եւ հաշիւ նկատելու ուսումնասիրուած ու արժէքները քանդող ծրագիրներու ի տես, մարդկային ու ընկերային փոքրամասնութիւններու արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան դրօշին տակ մեծապետական, դրամատիրական, կեղծ ազատական բռնատիրութիւն հաստատելու ձգտումը ակնյայտ է թէ՛ պետութիւններու եւ թէ՛ անդրազգային առեւտրական, արհեստագիտական վիթխարի ընկերութիւններու կամ տեղեկատուական ուղեղալուացք կատարող հաստատութիւններու մօտ:

Հիմնական նպատակը` քանդել ազգ-արժէքը եւ ստեղծել աշխարհաքաղաքացիական միատեսակ եւ դրամատիրութեամբ ու նիւթապաշտութեամբ հեռակառավարուող մարդկային քանակական հասարակութիւն` զայն լաւագոյնս ծառայեցնելու, յաւելեալ նիւթական աղբիւրներ կուտակելու ու աշխարհի միահեծան տէրը ըլլալու քաղաքականութեան: Եւ այս գործընթացին մէջ բոլոր ազնիւ սկզբունքները, մարդկային իրաւունքները, ազգային թէ ընկերային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը, դժբախտաբար, պիտի շահագործուին ու ծառայեն իսկական, թաքուն ու կասկածելի նպատակի իրագործման:

Հայադրոշմ նորը ստեղծելու մեր երիտասարդութեան պարտաւորութիւնն է` տեսնելով այս մէկը, գիտակցիլ անոր վտանգին ու կառուցել հայկական նորը: Եւ այս գործը իրականացնելու համար, ան պարտի գործօն մասնակցութիւն բերել ազգային-հասարակական մեր կեանքին, ունենալ հայկական օրիանթացիա, շաղուելով հանդերձ օտար մշակոյթներու եւ արդիականացման մտածողութեանց, որդեգրել այն, ինչ որ կը սազի հայկական մեր իրականութեան, հայկական արժէքներու վերարժեւորման ու առհասարակ մեր հարցերուն ու մեր Դատի նպաստաւորման:

Հեռու մնալ հայկական իրականութենէն, հրաւէրի սպասել, քննադատել` առանց խորքային ճանաչման, տարուիլ օտար բարքերէ ու գերագնահատել օտարը միաժամանակ վատ տեսնել կատարուած ձեռքբերումները եւ ամէն ինչ-որ հայկական է, չեն օգներ հայադրոշմ նորի կառուցման եւ ոչ ալ` երիտասարդութեան հայկականութեան ու, հետեւաբար, ապագայ սերունդներու ինքնութեան պահպանման խնդիրին:

Վերջապէս, սիրելի՛ ներկաներ, ու բոլոր անոնք, որոնք նախանձախնդիր են Դաշնակցութեան գոյութեան, ու բոլոր անոնք, որոնք ականջալուր են գազազած մարդոց հակադաշնակցական պայքարին, ու բոլոր անոնք, որոնք կ’աղօթեն Դաշնակցութեան քանդումին համար`

Դաշնակցութիւնը ծնած է ապրելու համար:
Ու այնքան ատեն որ կ’ապրի հայ ժողովուրդը, պիտի ապրի Դաշնակցութիւնը:
Դաշնակցութիւնը ամուր է, հսկայ կաղնի է, որուն տերեւները կրնան թափիլ, փոքր ճիւղերը կտրուիլ, բայց արմատը հայութեան ընդերքին մէջ, խորը, շատ խորը մխրճուած է ու պիտի մնայ հսկայ ու պիտի հսկայանայ աւելի:
Դաշնակցութիւնը ահազանգ է, կը հնչէ նախ դաշնակցականները  զգաստացնելու ու միաժամանակ ընդհանրական բացթողումները սրբագրելու:
Դաշնակցութիւնը շունչ է, ոգի է, միտք է ու բազուկ:
Դաշնակցութիւնը զգօնութեան հրաւէր է:
Դաշնակցութիւնը ձերն է: Ամուր կը մնանք ձեզի համար:
Ամուր կը մնանք գալիք սերունդներուն համար:
Ամուր կը մնանք ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի համար:
Ու կը փափաքինք 128-ամեակի այս խօսքով վերյիշել սքանչելի բանաստեղծ Վահէ Օշականը, երբ կ’ըսէ
Ու մանաւանդ`
Պիտի տեւես դարերով, դարերո՜վ,
Որքան ատեն
Ժայթքին մարդիկ ու պահեր
Հայ հոգիին սպասարկու:
Ու
Սա հաւա՛տքը
Մեր հոգիի գեղեցկութեան,
Սա կա՛մքը
Այս հաւատքը պաշտպանելու
Սա ոգի՛ն
Կամ հայ ըլլալ` կամ ոչի՛նչ
Կամ հայրենիք` կամ ոչի՛նչ
Դաշնակցութիւն:

Կեցցէ՛ Հայաստանը
Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը
Կեցցէ Հայաստանի ու հայութեան ծառայ ու պաշտպան Դաշնակցութիւնը:

7 դեկտեմբեր 2018

«Քաղաքական Ընտրապայքար Թէ՞ Համակարգային Փոփոխութիւն»

$
0
0

ՀԵՆՐԻԿ ԽԱԼՈՅԵԱՆ

Առաջիկայ դեկտ. 9-ին Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնների ընտրապայքարի հետքերով՝ բազմաթիւ հարցեր են առաջանում:

Ընտրապաքարի մէջ մտած քաղաքական ուժերը իրօ՞ք մանրակերտն են հայ քաղաքական մտքի… կարելի է ասել՝ այո, իսկ թէ դա որքանո՞վ է գոհացնում մեզ ընդհանրապէս, կարելի է ասել՝ շատ նւազ. թէ՝ ինչո՞ւ կարելի է քննարկել՝ քաղաքագիտական, պատմական եւ գաղափարախօսական հարթակներում. բայց եւ իրապաշտ լինելու համար ընդունենք, որ հէնց սա է մեր իրականութիւնը, ուր 28-ամեայ անկախ պետական համակարգում, հիմնականում պայքարում են՝ Խորհրդային համակարգից ժառանգութիւն հասած ու ռուսական քաղաքական «դպրոց»-ն աւարտած ուժերը, նորօրեայ արեւմտեան Լիբերալ ու նէօլիբերալ «դպրոց»-ին փարւած ուժերը ու Ազգային դասական գաղափարական «դպրոց»-ին կառչած ուժերը. ուր նաեւ էական դերակատարութիւն ունեն քաղաքա-տնտեսական քրէա-օլիգարխիան հիմնուած իր շահերին, որը մինչեւ ապրիլեան ժողովրդական շարժումը պետական հեգեմոնիայի գլխաւոր ուժն էր համարւում:

Սակայն, ժողովրդական յեղափոխութեամբ՝ վերջապէս սպասւում է արդար ընտրութիւն, որի արդիւնքում պիտի ձեւաւորւի լեգիտիմ օրէնսդիր, գործադիր ու դատական իշխանութիւն:

Իսկ ի՞նչ է լեգտիմութեան գինը. դա լաւապէս գիտեն նրանք, ովքեր անարդարութեամբ՝ ընտրակեղծիքով կամ բռնութեամբ կորցրին իրենց արժանի տեղն ու դերը մեր պատմութեան վերջին ժամանակահատւածում. նրանք, որ գիտեն միայն յենուած ժողովրդի իրական վստահութեան քուէի վրայ հնարաւոր է կերտել իրական ինքնիշխանութիւն ու այդպիսով, առանց տուրք տալու օտարին, միջազգային քաղաքական բեմում ինքնուրոյն արժանի դիրք գրաւել:

Սակայն, բռնապետական մտածողութեան համար միշտ էլ երկրորդական է լեգիտիմութիւնը եւ ընդհանրապէս երկրորդական է ինքը՝ ժողովուրդը ու ժողովրդավարութիւն հասկացութիւնները եւ նոյնիսկ լինում են պահեր, երբ դժբախտաբար, նմանները հնարամտօրէն գովազդում են «գերխընդիրներ» ինչպէս՝ «ազգային անվտանգութիւն», «կայունութիւն», «երկրի ամբողջականութիւն» (կամ նոյնիսկ առաջացնում պատերազմական իրավիճակ) արդարացնելու կամ, պահպանելու համար իրենց դիկտատուրան կամ բռնապետական կարգերը. դեռ երբեմն բարձրաձայնում թէ, դիկտատուրան լաւագոյն վարչա-համակարգն է երրորդ աշխարհի կարգում դասուող երկրների համար: Ահա յեղափոխութիւնների դասական դրդապատճառները. նմանները նոյնիսկ այդ ժամանակ՝ պոռթկած մասսան ու գործընթացը համարում են, տեռորիստական քայլեր, անարխիա, ու նման շարժումների ղեկավարութիւնը դասականօրէն համարում՝ օտար ուժերի հինգերորդ սիւն ու կամ թէ ապակայունութեամբ երկիրը կործանողներ, երազային պոպուլիստներ ու անգամ դաւաճաններ…

Ո՞վ է յաղթելու ընտրութիւններում, դա նշանակում է՝ ո՞ւմ է վստահում ժողովուրդը. իսկ ինչո՞ւ է վստահում, քանզի՝ վստահում է՝ ընտրեալ ուժի հզօրութեանը, արդարութեանը, քաղաքա-տնտեսական ծրագրին ու փորձին, թէ՞ լոկ այն պատճառով, որ ընդհանրապէս չի վստահում միւսներին ու ընտրում չարեաց փոքրագոյնն. կամ թէ եւ եւ:

Այս օրերին ժողովուրդը իրեն յաղթական է տեսնում.

Ասուած է ՝ ամենամեծ յաղթանակը այն է, երբ յաղթում ես ինքդ քեզ, ու ամենամեծ պարտութիւնը, երբ պարտւում ես ինքդ քեզնից:

Ամենակարեւոր յեղափոխութիւնը այն է, երբ յեղաշրջում ես ինքդ քեզ: Ու այսպէս մեր ժողովուրդը յեղաշրջեց ինքն իրեն ու իր հասարակութիւնը, այսինքն իր ապրելակերպն ու ապրելու արժէհամակարգը ու յեղաշրջումով յաղթեց այն գերիշխող համակարգին, որը անարդար էր ու կորումպացւած, որի գոյութիւնը այլեւս արժանապատիւ չէր հային:

Սա էր հայկական անարիւն ձեռնբարձ յեղափոխութիւնը, թէեւ որոշները այն չեն ընդունում ու ասում են, թէ յեղափոխութիւնը առջեւում է. իսկ ո՛չ յեղափոխութիւնը կատարւած է. հասարակական ու դեռ աւելին կասէի համահայկական առումով, որի յաղթութեամբ տեղի է ունեցել իշխանափոխութիւն եւ ցանկանանք՛ թէ ոչ, պահն է համակարգային փոփոխութեան, որը պիտի երաշխաւորի նոր եւ արդար արժէհամակարգի իրականացումը. մեր գիտակից ժողովուրդը գիտի, որ մի գաւազանի հարւածով չի փոփոխւելու իր տնտեսական կենսամակարդակը. ու սոցիալական արդարութիւնը նախնական քայլն է սոցիալական ապահովման ու սոցիալական պետական համակարգի կայացման: Թէեւ ցանկալի կը լինէր, որ այս ընտրութիւններով մենք քաղաքական թռիչքով առաջ գնայինք, սակայն իրողութիւնն այն է, որ դեռ ոչ մեր քաղաքական հոսանքները ու ոչ էլ ժողովուրդն է պատրաստ այս հանգրւանում՝ գաղափարախօսական հէնքի վրայ քաղաքական ու տնտեսական ծագրերի մրցակցային ընտրութեանը եւ ինչպէս ասւեց գիտակից մեր հայ հասարակութիւնը պիտի հաւատայ աշխարհասփիւռ համահայկական ուրոյն ուժին ու շարունակի իր երազանքների իրագործման ուղութեամբ, իսկ հայ քաղաքական միտքը ոչ յանուն գործնապաշտութեան խափանի կամ յուսահատ անի այն, այլ մի քայլ առաջ ժողովրդից անկախ ընտրութիւնների արդիւնքներից՝ պիտի առաջնորդի այն դէպի ապահով ու բարօր ապագայ:

Աւարտում եմ մտքերս մեր գաղափարական սկզբունքներից մէկով՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան համար ընկերվարութիւնը անիմաստ է առանց ժողովրդավարութեան եւ Ժողովրդավարութիւնն անիմաստ առանց Ընկերվարութեան:

Առաջ դէպի նոր Հայաստան՝ հաւատարիմ հողին ու հային:

5, դեկտ. 2018

Ծերակուտական Մենենտեզ Կը Յետաձգէ Ծերակոյտին Կողմէ Ազրպէյ Ճանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հաստատումը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

4 սեպտեմբեր 2018-ին նախագահ Տանըլտ Թրամփ առաջադրեց արտաքին ծառայութեան աշխատակից Ըրլ Լիցընպըրկըրի թեկնածութիւնը` Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին: Լիցընպըրկըրը պէտք է փոխարինէ ինը ամիս առաջ Պաքուէն հեռացած դեսպան Ռապըրթ Սեքութան:

4 հոկտեմբեր 2018-ին Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ Լիցընպըրկըրի դեսպան նշանակման առիթով լսումներէ ամիս մը առաջ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը մամլոյ հաղորդագրութիւն մը տարածեց` կոչ ընելով ամերիկահայ համայնքին, Հայաստանի բարեկամներուն եւ իրաւապաշտպաններուն` դիմելու իրենց ծերակուտականներուն` մանրամասնօրէն ուսումնասիրելու համար Լիցընպըրկըրի թեկնածութիւնը:

«Երբեք այսքան խիստ անհրաժեշտութիւն չէ յառաջացած յստակացնելու Ալիեւի վարչակարգին հետ ամերիկեան յարաբերութիւններուն բնոյթն ու շրջանակները: Դեսպանի հաստատման գործընթացը մեծ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ Քոնկրեսին կողմէ վերահսկողութիւն սահմանելու Միացեալ Նահանգներ-Ազրպէյճան հետզհետէ առաւել մտահոգիչ դարձող երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ, որ կը բնութագրուի հայերու նկատմամբ աճող յարձակողականութեամբ, այլակարծութեան ճնշման խստացումով եւ ամերիկեան քաղաքական գործընթացները հմտօրէն հակազդելու մեծապէս ֆինանսաւորուած արշաւով», բացատրեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը:

Լիցընպըրկըրը նախապէս, իբրեւ աւագ մասնագէտ, աշխատած է Գերմանիոյ «Մարշալ» հիմնարկին մէջ, եղած է ՕԹԱՆ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան ղեկավարի փոխանորդ, Աֆղանիստանի մէջ ՕԹԱՆ-ի  քաղաքացիական ներկայացուցիչի աւագ փոխանորդ, Պելկրատի մէջ (Սերպիա) Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան առաքելութեան ղեկավարի փոխանորդ եւ Պիշքեքի մէջ (Խըրխըզիստան) Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան առաքելութեան ղեկավարի փոխանորդ: Լիցընպըրկըրը Միտըլպըր քոլեճէն ստացած է պսակաւոր արուեստից աստիճան եւ Միացեալ Նահանգներու ռազմական քոլեճէն` մագիստրոսի աստիճան: Ան կը խօսի` ֆրանսերէն, ռուսերէն, սերպերէն եւ պուլկարերէն:

4 հոկտեմբեր 2018-ին, ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի լսումներուն ընթացքին Լիցընպըրկըրը ենթարկուեցաւ մանրակրկիտ հարցաքննութեան: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը հաղորդեց, որ Նիւ Ճըրզիէն դեմոկրատ ծերակուտական Պապ Մենենտեզ, Լիցընպըրկըրի` Ազրպէյճանի անզուսպ ռազմավարութեան մասին արտայայտութիւնները ճնշելու պահուն, անդրադարձած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի «ռազմատենչ հռետորաբանութեան եւ բռնութեան յաճախակի պոռթկումներուն»: Լիցընպըրկըրը պատասխանեց, որ ինք կը թելադրէ Ազրպէյճանի կառավարութեան` ետ կանգնիլ այնպիսի վարքագիծէ, որ կը խախտէ արցախեան հակամարտութեան շփման գիծը: Ան նաեւ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները կ՛աշխատին երեք ուղղութիւններով` ուժ չկիրարկել, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ինքնորոշման իրաւունք:

Բացի այդ, Լիցընպըրկըրը յղում կատարեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբին, որ կը դատապարտէ «որեւէ  բռնութիւն եւ բռնութեան կիրարկման որեւէ սպառնալիք` շփման գիծին վրայ»` առանց յստակօրէն վկայակոչելու Ազրպէյճանի յարձակումները:

Լսումներուն ընթացքին ծերակուտական Մենենտեզ հետաքրքրուեցաւ, թէ արդեօք Ազրպէյճանը զէնքով ապահովելը պէ՞տք է սահմանափակուի` անոր կողմէ իրագործուած մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն հիման վրայ: Իբրեւ պատասխան` Լիցընպըրկըրը ըսաւ, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշ կ՛ըլլայ, որպէսզի իր որոշումները չխոչընդոտեն արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու ջանքերը: Ան նաեւ նշեց, որ Ազրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու գծով կրթութեան յատկացուող միջոցներուն մեծ ուշադրութեան պէտք է դարձուի:

Լսումներէն ետք ծերակուտական Մենենտեզ եւ Մասաչուսեցէն ծերակուտական Էտ Մարքի գրաւոր հարցադրումներ ներկայացուցին Լիցընպըրկըրի: Ծերակուտական Մենենտեզի խնդրանքով ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը յետաձգեց Լիցընպըրկըրի առաջադրումը` չճշդուած ժամկէտով: Երկու ծերակուտականները կրնան լրացուցիչ գրաւոր հարցումներ ուղղել թեկնածուին` իրենց մտահոգութիւններուն` ազգային  ապահովութեան  հարցերով  խորհրդական Ճոն Պոլթընի կողմէ հոկտեմբերի վերջաւորութեան Կովկաս կատարած այցելութեան ընթացքին Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին զէնք ծախելու առաջարկին վերաբերեալ:

Առաջադրուած 19 դեսպաններու թեկնածուներէն Լիցընպըրկըրը միակն էր, որուն հաստատումը յետաձգուեցաւ, հաւանաբար` մինչեւ յաջորդ տարի, երբ յանձնախումբը պիտի գումարէ իր աշխատանքային յաջորդ ժողովը:

Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը ողջունեց Լիցընպըրկըրի նշանակման յետաձգումը: «(Այս յետաձգումը) ծերակուտականներուն կարելիութիւն կու տայ աւելի մեծ ուշադրութեամբ վերահսկելու մեր երկրի բարդ, երկկողմանի կապերը յարձակողապաշտ Ազրպէյճանի եւ դաժան Ալիեւի վարչակարգին հետ, յատկապէս` ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճոն Պոլթընի վիճելի առաջարկէն ետք, ըստ որուն, Միացեալ Նահանգներ պէտք է սկսին զէնք ծախելու Պաքուին», ըսաւ Համբարեանը` աւելցնելով. «Մենք կը միանանք ծերակոյտի մեր բարեկամներուն` այս հարցով առաւել  յստակութիւն փնտռելու ուղղութեամբ եւ, ընդհանուր առմամբ, վարչակազմին վարած քաղաքականութեան, որ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ալիեւի վատթարացող յարձակողապաշտութեան, ամբողջ հայութեան նկատմամբ ատելութեան հրահրման, ամերիկեան օրէնսդիրներ առանց արդարացումի «սեւ ցանկ»-ին մէջ ներառման, Ռոյս-Էնկել խաղաղութեան առաջարկներու խոչընդոտման, քաղաքացիական օդանաւեր հարուածելու սպառնալիքներու, Հին Ջուղայի (Նախիջեւան) գերեզմանոցի խաչքարերու եւ այլ քրիստոնէական վայրերու ոչնչացման, եւ անշուշտ ներքին այլախոհներու եւ ցեղային-կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ անոր խիստ հալածանքներուն»:

Ազրպէյճանի «Թուրան» լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին հաստատումը յետաձգելու մասին: Զարմանալիօրէն «Թուրան»-ը կ՛ենթադրէ, որ նախագահ Թրամփ, օգտուելով դեկտեմբերին ծերակոյտի դադարէն, կրնայ ընդմիջումային նշանակում կատարել, այսինքն նախագահը կրնայ Լիցընպըրկըրը նշանակել Ազրպէյճանի մէջ դեսպան` առանց Ծերակոյտի հաստատման:

Ընթերցողները կը յիշեն, որ նախագահ Օպամա նման ընդմիջումային նշանակում կատարեց Մեթիու Պրայզայի պարագային` զայն իբրեւ դեսպան ուղարկելով Ազրպէյճան, ծերակուտական Մենենտեզի կողմէ անոր նշանակումը երկու անգամ արգելափակուելէ ետք: Պրայզա Պաքուի մէջ յաջողեցաւ աշխատիլ միայն 12 ամիս, ապա ստիպուեցաւ Ուաշինկթըն վերադառնալ` ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ իր թեկնածութեան հաստատումը չեղեալ նկատուած ըլլալուն պատճառով:

Մեթիու Պրայզայի պարագային, ամերիկահայ համայնքը բաւարար հիմքեր ունէր անոր թեկնածութիւնը վիճարկելու համար, որովհետեւ ան բացայայտօրէն կողմնակալ էր` յօգուտ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, ի վնաս` Հայաստանի: Սակայն Լիցընպըրկըրը կարծես թէ նման կողմնակալութիւններ չունի, եւ անոր դէմ անձնական ոչինչ կայ: Թեկնածուի յետաձգումը պարզապէս միջոց մըն է` ապահովելու, որ ան պիտի պաշտպանէ Ազրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքները եւ պիտի յորդորէ Ալիեւի վարչակարգը` նուազեցնելու ռազմատենչութիւնը արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ: Լիցընպըրկըրի հաստատման յետաձգումը նաեւ ուղերձ մըն է Ճոն Պոլթընին, որ՝ ծերակոյտը չ՛ողջուներ անոր` Ազրպէյճանին զէնք ծախելու առաջարկը:

Ծերակոյտին մէջ դեսպանի նշանակման ձգձգումը կը ծառայէ իբրեւ Ալիեւի վարչակարգը նեղացնող լրացուցիչ մտադրութիւն` երկարաձգելով Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի բացակայութիւնը եւ լարուածութիւն յառաջացնելով Ազրպէյճան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն մէջ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

«Դեղին Բաճկոն» Շարժումը Նահանջի Կը Մատնէ Մաքրոնը

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Աւելի քան մէկ ու կէս տարի առաջ բաւական շռնդալի յաղթանակով մը Էլիզէի պալատը մուտք գործած Էմանուէլ Մաքրոն երեքշաբթի զգայացունց նահանջ մը արձանագրեց եւ տեղի տուաւ «Դեղին բաճկոն» կոչուած շարժումին առջեւ, որ երեք շաբաթէ ի վեր երկրաշարժի մատնած է Ֆրանսայի քաղաքական բեմն ու հրապարակները: Իր վարչապետին` Էտուար Ֆիլիփի միջոցով Մաքրոն ընդունեց, որ կարելի չէ ականջ փակել ժողովուրդի բողոքի ձայնին դիմաց եւ յայտարարեց, որ վառելանիւթի սակերու բարձրացման որոշումը սառեցուցած է 6 ամիս:

Աւելի քան երեք շաբաթ առաջ, ու կենսոլորտի վիճակին վատթարացումը կանխելու կոչուած Լեհաստանի անցեալ շաբաթավերջի միջազգային խորհրդաժողովին նախօրեակին, Մաքրոն յայտարարած էր, որ յառաջիկայ տարեսկիզբին վառելանիւթի տուրքերը պիտի բարձրացնէ քաջալերելու համար ապականիչ քարիւղէն այլ ուժանիւթի գործածութիւնը: Այդ որոշումը եղաւ անմիջական պատճառը ցոյցերու շղթայազերծման. դեղին բաճկոն հագուած ցուցարարները ողողեցին Փարիզի ու բազմաթիւ այլ քաղաքներու հրապարակներն ու փողոցները, որոշ շրջաններ անդամալուծութեան մատնեցին, բախումներ ունեցան ոստիկանութեան հետ, աւերումներ ու հրկիզումներ կատարեցին` անտեսելով նախագահին այն լուռ սպառնալիքը, թէ տեղի պիտի չտայ բռնարարքներու դիմաց: Տեղի ունեցան ձերբակալութիւններ, ինկան վիրաւորներ, արձանագրուեցաւ մահ: Ի վերջոյ, վարչապետ Ֆիլիփ երեքշաբթի յայտարարեց իշխանութեան ետքայլը, որ սակայն առաջին ակնարկով բաւարար երաշխիք չի նկատուիր հակամարտութեան կասեցման համար: (Ի դէպ, պատմական փուլ մը նշող իրադարձութիւնները ըստ բաւականին չգրաւեցին ամերիկեան կամ կարգ մը այլ երկիրներու զանգուածային մամուլին ուշադրութիւնը, իսկ հայկական մամուլը բաւականացաւ նշուլային ու կրաւորական լրատուութեամբ. նման «չէզոքութիւն» կարելի՞ է արդարացնել անով, որ` «մենք հիմա մեր ընտրութիւններով զբաղած ենք, ուրիշին տագնապը մեզի ի՛նչ…»):

Նորագոյն տուեալներուն համաձայն, ժողովուրդին աւելի քան 70 առ հարիւրը զօրակից է «Դեղին բաճկոն» շարժումին` բազմաթիւ պատճառներով: Հիմնական պատճառը այն է, որ վառելանիւթի գիներու բարձրացում` կը նշանակէ ապրուստի սղութեան ծանրացում: Կ՛ըսուի նաեւ, որ կառավարութեան որոշումէն օգտուողներ պիտի ըլլան, սակայն անոնք կը կազմեն ժողովուրդին հազիւ… մէկ առ հարիւրը (քանի մը տարի առաջ Միացեալ Նահանգներու մէջ ալ «մէկ առ հարիւրը ընդդէմ 99 առ հարիւրին» խորագիրով շարժում մը տեղի ունեցաւ եւ բարձրացուց ելեւմտական ամրութիւններու գրաւման դրօշը, սակայն մնաց անհետեւանք ու այսօր գրեթէ մոռցուած է…): Վերջապէս, մէկէ աւելի վիճակագրողներ կը հաւաստեն, որ նախագահին ժողովրդականութիւնը հսկայական անկում արձանագրած է, ան ներկայիս կը վայելէ ժողովուրդին հազիւ 23 առ հարիւրին համակրանքը:

Ի՞նչ պատահեցաւ մէկ ու կէս տարուան մէջ, որ Մաքրոնի հմայքը ա՛յսքան տժգունի: Արդեօք մոռցուա՞ծ է, որ ան 2016-ին հեռացաւ նախագահ Հոլանտի վարչակազմէն, հրապարակ նետեց «En Marche» շարժումը, բարձրացուց «առեւտուրի տրամաբանութեան զարկ տալու» դրօշը եւ աջ ու ձախ գետին փռելով` 2017-ի մայիսին շահեցաւ Ֆրանսայի նախագահի աթոռը` ընտրութեան երկրորդ փուլին ծանր պարտութեան մատնելով ծայրայեղ աջակողմեան Մարին Լը Փենը: Ան շահեցաւ քուէներուն 66 առ հարիւրը, ու Էլիզէի պալատ մուտքի օրերուն ժողովուրդին 62 առ հարիւրը կը համակրէր անոր: Իսկ հիմա` միայն 23 առ հարիւրը…

Մանրամասնութիւններու մէջ մտնելը մեզ պիտի տանի օր աւուր արձանագրուած դէպքերու ժամանակագրումին. այդ չէ մեր նպատակը, սակայն գոնէ արձանագրենք քանի մը հիմնական գիծ. մաքրոնեան Ֆրանսայի իրադարձութեանց հետեւողներ կ՛ըսեն, որ նախագահին ժողովրդականութիւնը երկար ատենէ ի վեր դանդաղ նահանջի մէջ էր, որովհետեւ ան ո՛չ միայն չիրականացուց ընտրարշաւի օրերու իր կարգ մը խոստումները, այլ որոշ զգայուն ոլորտներու մէջ ետդարձ ալ կատարեց: Այսօր շատ չի խօսուիր այն դրական քայլերուն մասին, որոնք իրականացան Մաքրոնի օրով: Կարգ մը դէտեր կ՛ըսեն, որ երբ այսօր աջն ու ձախը հաւասարապէս ելած են Մաքրոնի դէմ ու անոր «գլուխը կը պահանջեն», այս շարժումը պէտք չէ դիտել միայն ապրուստի սղութեան սպառնալիքին բովանդակութեան մէջ, այլ պէտք է աչքի առջեւ ունենալ ընկերային հարցի մը քաղաքական շահագործման գործօնը. իսկ եթէ պահ մը աշխարհի տարածքին մեր շուրջը դիտենք, կրնանք պարզ աչքերով տեսնել, թէ մարդկային ահաւոր տագնապներ ամէն օր ինչպիսի՛ չարաշահումներու կ՛ենթարկուին քաղաքական բեմի վարիչներուն կողմէ, ո՛չ միայն ի հեճուկս զանգուածներու գրպաններուն, այլեւ` բիւրաւոր կեանքերու…

Այսուամենայնիւ, եթէ մէկդի ձգենք քաղաքական շահարկումի վերաբերող մեկնաբանութիւնները (Ֆրանսայի բացայայտ թէ քողարկուած մրցակիցները հրապարակ եկան քննադատողի պատմուճանով. մինչեւ իսկ Սպիտակ տան իմաստո՜ւն պետը կենսոլորտի ապականումի տագնապին մասին իր վնասաբեր կեցուածքը արդարացուց Ֆրանսայի իրադարձութիւններով), կարելի չէ արհամարհել պարզ իրականութիւնը, որուն դիմաց Ֆրանսայի իշխանութիւնը անկարելի նկատեց ականջ փակելը: Ֆրանսացի ժողովուրդը, զանգուածը, հաւատարիմ մնաց իր իրաւունքներու պաշտպանութեան գիծին, որ բնազդ չէ, այլ` գիտակից կեցուածք: Բացայայտ է, որ 1968-ի ուսանողական ցոյցերէն ի վեր ամէնէն խռովայոյզ այս շարժումը յստակ դրդապատճառ ունէր եւ իշխանութեան հասկցուց, որ կարելի չէ ժողովուրդի տարրական պահանջներուն նկատմամբ անլուրջ վերաբերմունք ունենալ, խոստումներով ընտրապայքար տանիլ եւ յետոյ ետդարձ ընել ճշդուած ուղիէն, որդեգրել քայլեր, որոնք ապրուստի պայմանները պիտի վատթարացնեն: Փաստօրէն կան կարմիր գիծեր, որոնց արհամարհումը իր վիճակին իրազեկ ժողովուրդի աչքին կը նսեմացնէ անգա՛մ դրական քայլեր իրականացնողը:

Բանալին, ուրեմն, իրազեկ քաղաքացի ըլլալն է, հեռու` ամբոխային տրամաբանութենէն: Իսկ արդարութեան ու իրաւունքի ձեռքբերման նպատակով շղթայազերծուած շարժումներ կրնան ի վերջոյ բրտութեան ալ հասցնել բողոքողները: Բրտութիւնը ոչ մէկ ատեն բաղձալի է, սակայն իշխանութեան վրայ եղողը պէտք չէ ժողովուրդը դնէ բրտութեան դիմելու կացութեան մէջ:

4 դեկտեմբեր 2018


Լիւսի Թիւթիւնճեանին Ցուցահանդէսը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

Լիւսի Թիւթիւնճեան

Տարիներէ ի վեր հետեւած եմ Լիւսի Թիւթիւնճեանին կազմակերպած ցուցահանդէսներուն եւ օրագիրի տետրակիս մէջ արձանագրած` իր յաջողութիւնները:

6 դեկտեմբերին բացումը կատարուած ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Համազգայինի իր անունը կրող սրահին մէջ, կու գայ հաստատելու, որ  տիկին Լիւսիի նկարչութիւնը հասած է այն մակարդակին, որուն կը ցանկան հասնիլ բոլոր արուեստագէտները. գոյներով ստեղծել ձեւերը, բաշխել լոյսը ներկայացուցած փերսոնաժները (կերպարանքներ) եւ առարկաներու վրայ վարպետօրէն, կառուցել համադրութիւնները, պարզացնել բնութենէն առնուածը եւ շարունակել արուեստի բաժինը` հասնելու համար ապրող նկարի մը: Այսպէս ըրած են դասականները, այսպէս կ՛ընեն մինչեւ հիմա ֆիկիւրաթիւ նկարիչները:

Մինչեւ հոս մենք անդրադարձանք թեքնիք հարցերու, սակայն արուեստը կը սկսի թեքնիք հարցերէն ետք: Ցուցասրահ մտնողը անմիջապէս կը նկատէ, որ տիկին Լիւսի մեղմ ու զգայուն աշխարհ մը ունի, կ՛ընտրէ այնպիսի ներդաշնակութիւններ, որոնք կ՛արտայայտեն ազնուութիւն, քաղցրութիւն ու մեղմութիւն: Տիկին Լիւսի կը գործածէ թոն ռոմփիւ` մոխրագոյնի երանգները եւ զանոնք կը թրթռացնէ լոյսի շեշտերով:

Մենք լիացա՛նք, քաղցրացա՛նք ու բանաստեղծական պահեր ապրեցանք իր նկարներուն առջեւ:

Ի խորոց սրտէ կը շնորհաւորենք տիկին Լիւսիի ճշմարիտ նկարչութիւնը, որ հասած է կատարելութեան:

Պուրճ Համուտ
10 դեկտ. 2018

 

Մենք Եւ Ազգի Հարցը. Պատմութիւն Եւ Համաշխարհայնացում

$
0
0

Լինելիական Եւ Գոյութենական Խնդիր

Վերջին ամիսներուն արեւմտեան աշխարհի երկիրներուն մէջ կարգ մը մտածումներ արտայայտուեցան, նաեւ` Հայաստան, որոնք այսօր կրնան նորութիւն եւ յառաջդիմութիւն համարուիլ` ազգային ինքնութիւններուն համատեղ ապրելու մասին, միասին ապրիլ, ֆրանսերէնով սովորութիւն է ըսել` vivre ensemble: Չի խօսուիր ինքնութիւններու եւ մշակոյթներու արմատական փոփոխութիւններու մասին:

Այս գաղափարական ազատականութիւնը մեծ եւ հզօր մշակոյթ ունեցող ժողովուրդներուն համար պատմամշակութային ինքնութեան կորուստի վտանգ չի սպառնար: Ռուսիան, Ֆրանսան, արաբները, գերմանացիները, անգլիացիները, ամերիկացիները, չիները կրնան հետեւիլ միասին ապրելու քաղաքական-մշակութային ոճին, քանի որ կը հաւատան, որ միւսները իրենց հետ ապրելով`  իրենց պէս պիտի ապրին: Տեսանելի փորձը այդ ցոյց չի տար: Պարագան այլապէս մտահոգիչ է փոքր ժողովուրդներուն եւ մանաւանդ անոնց տարտղնուած գաղթականութիւններուն համար, որոնք իրենց ինքնութիւնը պահելու համար անզէն են:

Մեր իւրօրինակ կացութիւնը մեզի կը թելադրէ ազգի մասին յստակ գաղափար կազմել, օրակարգ համարել մեր ինքնութեամբ տոկալու եւ տեւելու խնդիրը, որպէսզի օր մը պատմաբաններու սոսկ հետաքրքրական ուսումնասիրութեան առարկայ չըլլանք` որպէս մեռած ժողովուրդ:

Եւ անհրաժեշտ է մտածել, կացութիւնները դատել, ունենալ հեռանկարային պատկերացումներ` մեր ժողովուրդին եւ մեր հայրենիքին համար: Այսինքն` մտածել եւ գործել ժամանակի եւ հեռու ու մօտ շրջապատի ազդեցութիւնները նկատի ունենալով, երբ գիտենք, որ հեռուն եւ մօտը նոյնը չեն, ինչ որ էին յիսուն տարի առաջ: Այս խորքային ազգային քաղաքականութիւն է` աթոռներէն, բեմի լոյսերէն եւ ընչաքաղցութիւններէ անդին: Հաւասարապէս` Հայաստան եւ սփիւռք:

Խորքային քաղաքականութիւնը թաղային երեւելիութենէ եւ հեղինակութենէ տարբեր ըմբռնում եւ պատրաստութիւն կը պահանջէ:

Պատմութեան Եւ Ստուգաբանութեան Լոյսով

Ազգերը կազմուած են պատմութեան ընթացքին, անոնք յանկարծ չեն յայտնուած տուեալ թուականի մը, կերտուած են ինքնութիւններ եւ միութիւններ: Համաշխարհայնացումը ազգերը ժամանակավրէ՞պ պիտի դարձնէ` որպէս ըմբռնում եւ մարդոց կենսաձեւ եւ փոխարէնը հաստատէ նորատեսակ կայսրութիւն` բազմազգ ընկերութիւններու (multinationales) կայսրութիւնը, որ արդէն ընթացքի մէջ է` մարդկային եւ մարդկութեան բոլոր հարցերը ստորադասելով տնտեսական-դրամական գերիշխանութեան:

Վերջին երկու դարերուն ազգի ըմբռնումը ենթարկուած է մեկնաբանութիւններու, քննադատութիւններու եւ մերժումներու, երբ ծնունդ առին ազգ-պետութիւններ` Ֆրանսական յեղափոխութենէն ետք: Ազգի ըմբռնումը գերանցելու գաղափարական, կրօնական եւ քաղաքական փորձեր եղած են եւ կը շարունակուին, տիեզերականութիւն հաստատելու փորձեր, բայց ազգերը կը տեւեն, ինքնութիւններ կը պաշտպանուին: Վտանգուած ազգերը, անոնք, որոնք տիրապետուած են, նախայարձակումներու ենթարկուած, աւելի կը խօսին այս մասին, քան` հզօրները, որոնք ինքնապաշտպանութեան կարիք չեն զգար:

Բայց դամոկլեան սուրի պէս կախուած է համաշխարհայնացումը` ոչ միայն փոքրերուն համար, այլեւ` նախկին հզօրներուն: Մոլորակի եւ մարդկութեան հոլովոյթի ընթացքին յառաջացած ազգերը, որոնց այլազանութիւնը հարստութիւնն է մարդկութեան, ինչպէս մարդը ինք այլազան է նոյն խորքի վրայ: Մեծ եւ փոքր ժողովուրդները, առանց խտրութեան, պէտք է խորհին այս մասին, որպէսզի չհարթուին ծնունդ տալու համար անհրապոյր եւ անհոգի նոյնութեան մը, նոյնացման:

Հայերէն ազգ բառը, ըստ լեզուաբաններու, փոխ առնուած է պահլաւերէնէ` azg, որ կը նշանակէ ճիւղ, որ իր կարգին կու գայ հնդեւրոպական azgho բառէն` նոյնպէս ճիւղ իմաստով: Նոյն ձեւով տարածուած է յունարէնի եւ պարսկերէնի մէջ։

Ժամանակակից հասկացողութեամբ, ազգի ըմբռնումը յաճախ կը նոյնանայ ժողովուրդի եւ անկախ կամ ինքնավար պետութեան հետ: Ժողովուրդ մը կրնայ գոյութիւն ունենալ առանց պետական կառոյցի եւ միաժամանակ ազգ համարուիլ, ինքզինք որպէս այդպիսին համարել ու տեւել: Պատմական հոլովոյթի ընթացքին ան կրնայ դառնալ պետութիւն: Երէկուան եւ այսօրուան ազգ-պետութիւնները, մարդկային հաւաքականութիւններու զանգուածային տեղափոխութիւններուն եւ տարածուող բազմամշակութային հոլովոյթին մէջ, կ’ունենան նոր դիմագիծ եւ դէմ յանդիման կը գտնուին քաղաքական բարդութիւններու, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի ազգային ինքնութիւններու պահպանման:

Իմաստութիւն չէ աչքերը խուփ պահել եւ անտեսել կացութիւնները` ե՛ւ մեծերու ե՛ւ փոքրերու պարագային:

ԱԶԳ (nation) ըմբռնումը քիչ մը շատ առաձգական իմաստ ունի իր միջազգային գործածութեան մէջ: Միջազգային յարաբերութիւններու մակարդակին ան կ’ըմբռնուի որպէս ԳԵՐԻՇԽԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ, կամ` որպէս ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ: Նոյնիսկ շատ լուրջ Միացեալ ազգերու ուխտագրին մէջ անգամ ժողովուրդ, ազգ եւ պետութիւն միաժամանակ կը ներկայանան, կարծէք` հոմանիշ ըլլան: ՄԱԿ-ի ուխտագիրը «կը ճշդէ անդամ պետութիւններու իրաւունքները եւ պարտաւորութիւնները», իսկ ուխտագրի ներածականը կ’արտայայտէ իտէալները եւ հասարակաց  նպատակները բոլոր ժողովուրդներու, որոնց կառավարութիւնները միացած են կազմելու համար Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը»: Բառերու ծագումը եւ ստուգաբանութիւնը գաղափարներ լուսաբանելու եւ կացութիւններ հասկնալու լուսաւոր ճանապարհ է: Ընդհանրացած եւ գործածուող nation բառը կու գայ լատիներէն natio բառէն, որ իր կարգին կու գայ լատիներէն nascere բայէն, ֆրանսերէնի naître բայը, այսինքն` ծնունդ: Աւելի հետաքրքրական է natio բառը, որ կը նշանակէ մէկ ծնունդի ձագեր, նոյն ատեն նոյն արգանդէն ծնածներ: Նոյն բառը կը գործածուի նաեւ սահմանելու համար ժողովուրդ մը, ժողովուրդի մը մէկ մասը կամ ցեղախումբ մը:

Իսկ բառարանները «ազգ»-ը կը բնորոշեն որպէս ամբողջութիւնը անձերուն, որոնք կ’ապրին հասարակաց հողամասի մը վրայ, կը գիտակցին իրենց պատմական եւ մշակութային միութեան (մէկութեան), յաճախ նաեւ` լեզուական, եւ իրենք զիրենք մասնակից կը համարեն ընկերաքաղաքական նոյնութեան: «Ազգ»-ը կը սահմանուի նաեւ որպէս քաղաքական միութիւն մը` նոյն հողամասին վրայ ապրող եւ կազմակերպուած` իր կառոյցներով եւ օրէնքներով:

Գերմանացի իմաստասէր Եոհան Կոթլիպ Ֆիշթի համար (1762-1814), նոյն ազգի անդամները հասարակաց յատկանիշներ ունին, ինչպէս` լեզուն, կրօնը, մթակոյթը եւ պատմութիւնը, նաեւ` ցեղային ծագում, որ զիրենք տարբեր կը դարձնէ ուրիշ ազգերէ եւ անոնց անդամներէն: Ֆրանսական ըմբռնումը, ձեւաւորուած` ԺԸ. դարուն եւ Ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան հունով, կ’ընդունի, որ «Ազգ»-ը կը գոյանայ «միասին ապրելու» հասարակաց կամքով, որ պարզապէս կը տանի հաւաքականութեան ինքնասահմանման: Հետեւելով նոյն մտածման ընթացքին` ոմանք տարբերութիւն մը կը տեսնեն քաղաքացիական ազգին եւ ցեղային ազգին միջեւ:

Վերջինը միասին ապրելու ընտրանքի ենթակայական ըմբռնումն է ազգին, իսկ նախորդները` առարկայական, որոնք կը հիմնուին պատմաքաղաքական, մշակութային եւ շարունակութեան տուեալներու վրայ:

Մեր օրերուն կը խօսուի ազգային ինքնութեան մասին, որ կը կերտուի պետութեան մէջ եւ պետական ընտրանքներով, առաւելաբար` հիմնուած տնտեսական որոշիչ ազդակներու վրայ (արտադրութեան, սպառման եւ անոնց հետեւող կենցաղի նոյնացումով):

Հայ Ազգի Զանազանեալ Պատկերը

ԱԶԳ-ը վերացական գաղափար մը չէ: Ան մարդոց հաւաքականութիւն մըն է` խմբուած նոյն ըմբռնումի մը շուրջ, որ կրնայ մեկնաբանուիլ տարբեր ձեւերով: Բայց ան մարդոցմով կ’ըլլայ: Հետեւաբար նախ պէտք է խօսիլ այդ մարդոց մասին. ո՞ւր կը գտնուին անոնք, ի՞նչ է անոնց համրանքը, ի՞նչ բան կը միացնէ զանոնք, ի՞նչ են անոնց ստորոգելիները,  որպէսզի նոյն ազգին մէջ ըլլան: Անհեթեթ է հրամանագրով որոշել, թէ ո՛վ ո՞ր ազգին կը պատկանի:

Մարդիկ նոյնն են եւ տարբեր միաժամանակ: Նախորդ ենթախորագրին տակ յիշեցի զանազան տեսութիւններ, որոնք կը նշեն պատմութեան հետքը, հողամաս մը, համրանք կամ ըմբռնումներէ եկած ընտրանք. ծագում, պատմութիւն, մշակոյթ, լեզու, միասին ապրելու ցանկութիւն, որոնցմով բնորոշուին հաւաքականութիւնները եւ անոնց մաս կազմող մարդիկ:

Մարդոց հաւաքականութիւնները միացնող եւ տարբերակող մեծ կամ պզտիկ ազդակներ կան, որոնք անոնց կու տան տարբեր նկարագիր: Հողամշակ կամ խաշնարած, ձիւներու մտերմութեան մէջ ապրող թիպեթցին եւ ծովագնաց անգլիացին տարբեր են, մարդիկ նոյն ձեւով չեն ապրիր, աշխարհը նոյն ձեւով չեն տեսներ, նոյն ձեւով չեն սնանիր, նոյն ձեւով չեն հագուիր: Սառուցեալ գօտիներու, արեւադարձային երկիրներու եւ հասարակածի ժողովուրդները նոյնատեսակ կենցաղ եւ ճարտարագիտութիւն չունին, իրենց առօրեայէն եւ շրջապատէն կը թելադրուին ընդհանուր բնորոշումով իրենց մշակոյթները: Հիւսիսի էսքիմոն եւ լաբոնը, Միջերկրականի աւազանի յոյնը եւ արաբը, Խաղաղականի կղզիներու բնիկները նոյնն են եւ տարբեր: Ժամանակակից քաղաքակրթութիւնը իր արտադրական-սպառողական-հաղորդակցական պայմաններու ընդհանրացումով տարբերութիւնները կը ջնջէ, աւելի ճիշդ` անհետացնելու ընթացքի մէջ է: Այս պատճառով ալ կան ապագայ մարդկային ընկերութեան մասին տեսութիւններ, որոնցմէ վերջինը, կրօններէ եւ կայսրութիւններէ ետք, Մարքիւզի միատարածք մարդէն (l’homme unidimensionnel) եւ Ճորճ Օրուէլի թուանշան դարձած մարդէն ետք, մեր օրերու համաշխարհայնացումն է: Բայց` ոչ վերջինը, որ փակէ պատմութեան օղակը:

Բայց ոչ ոք կը լքէ ժողովուրդ, ազգ, պետութիւն, երկիր եւ հայրենիք բառերը եւ անոնց հետ եկող ըմբռնումները: Նոյնիսկ Խորհրդային Միութիւնը, Բ. Աշխարհամարտին, չվարանեցաւ խօսելու հայրենական պատերազմի մասին:

Որպէս մարդ եւ որպէս հայ, համագումար քաղաքական, մշակութային, տնտեսական, գիտական եւ հաղորդակցական դանդաղ կամ արագ հոլովոյթի իրարանցումին մէջ, ցարդ որպէս ՀԱՅ ԱԶԳ ըմբռնուած հաւաքականութիւնը ի՞նչ պատկեր(ներ) կը ներկայացնէ: Ան անցեալի շարունակութի՞ւն է, պիտի դադրի՞ շարունակութիւն ըլլալէ եւ պիտի ըլլա՞յ նորի սկիզբ:

Այս հարցումին հայերը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), կու տան իրենց կացութենէն մեկնած պատասխաններ: Եթէ ընկերաբանական գիտական խոյզեր (enquêtes sociologiques) կատարուէին, եթէ միջոցները ունենայինք այդ ընելու, չբաւարարուէինք գաղափարաբանական եւ ենթակայական դասական դարձած տարազումներով, պիտի տեսնէինք, որ ՀԱՅ ԱԶԳ բնորոշումը կը ներկայացնէ խայտաբղետ հաւաքականութիւններ եւ տեսակէտներ` կենցաղի, լեզուի, մշակոյթի, բարքերու, հեռանկարներու:

Առանձնացնենք լեզուի պարագան` որպէս օրինակ:

Բենիամին Թաշեան «Դեգերումներ Տիրոջ այգիին մէջ» գիրքի էջերուն վրայ, (գիրք, որ դեռ չէ սպառած եւ կարելի է գտնել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  կաթողիկոսութեան գրախանութը), կը խօսի քրտական առածի մը մասին, զոր կարդացած է օրացոյցի թերթիկի մը վրայ, որ կ’ըսէ, թէ իմ լեզուս խօսող օտարը աւելի մօտ է ինծի, քան` ցեղակիցս որ չի խօսիր իմ լեզուս: Եւ տխրութեամբ կ’աւելցնէ, որ այդ իմաստութիւնը ինք պիտի սորվէր քիւրտերէն… Արդարեւ, լեզուին խորթացած ազգի հատուածները կը կորսնցնեն հարազատութիւնը: Ֆրանսացի իմաստասէր մը կ’ըսէ` «Բառերու ժառանգութիւն, գաղափարներու ժառանգութիւն», այսինքն լեզուի շաղախով կը ստեղծուի տուեալ հաւաքականութեան մը մէկութիւնը:  Իսկ զիս ամէնէն աւելի տպաւորած է ժԷ. դարու ֆրանսացի ծիրանաւորի մը խօսքը, որ վանդակի մէջ եղող կապիկ մը երկարօրէն դիտելէ ետք կ’ըսէ. «Խօսէ՛ եւ քեզ մկրտեմ»… Լեզուն մարդուն պատկանելիութեան անցագիրն է: Յաճախ կրկնուող «զգացումով հայ ըլլալ»-ը, առանց լեզուի դրոշմի, ենթակայական սահմաններէ դուրս չի գար, կը մնայ ընդհանրապէս «տուրիստական» հետաքրքրութիւն` միշտ յարգելով յանձնառու բացառութիւնները:

Ճառային «համաշխարհային ազգ» ըլլալու փուչիկը աճպարարութիւն է:

Ազգը գոյացման համար կարիք ունի առարկայական եւ ենթակայական ազդակներու համատեղ գոյութեան: Կան լեզուն եւ լայն առումով մշակոյթը, որոնք կ’ըլլան խօսող եւ անոնցմով ապրող ժողովուրդով: Բայց երբ ժողովուրդը կը տարտղնուի, կը նօսրանայ, անոր անդամները եւս կը նօսրանան: Հայկական համրանքը սփիւռք կացութեան պատճառով ենթակայ է մաշումի, քանի որ հեռանալով առարկայական ենթահողէ` չի կրնար պահել ենթակայական ազդակները` լեզուն եւ մշակոյթը: Հետեւաբար անշրջանցելի է առարկայական ազդակը` հող-հայրենիքը, ուր լեզուն եւ մշակոյթը բնական կերպով կրնան աճիլ, ինքնութիւն կը պահեն եւ կը դիմադրեն համաշխարհայնացման յորձանքին: Այս ըմբռնումով, սփիւռք-ազգը միշտ վտանգուած է: Թէ սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութիւն պէտք է պահել` պահելու համար համրանքը, վէճի առարկայ չէ, բայց երբեք մէկդի պէտք չէ դնել իրատեսութիւնը: Պարզ պէտք է ըլլայ իմաստութիւնը. սփիւռքը ինքնանպատակ չի կրնար ըլլալ: Զայն պէտք է պահել ազգային ինքնուրոյնութեամբ` վերադարձի համար: Այս ինչո՞ւն է, իսկ որոշ չէ ինչպէ՞սը:

Ազգի գոյատեւման երաշխաւորը հող-հայրենիքն է` իր տնտեսութեամբ, եւ ան է, որ կարելի կը դարձնէ ինքնուրոյնութիւնը` համախումբ կեանքով: Այս բնական ընտրանք է:

Այսօր պարզ է, որ սփիւռքեան հատուածները բազմալեզու են հայերէնի տեղատուութեան յառաջացուցած ապակայունացման պատճառով, անոնց միջեւ հաղորդակցութիւնները միշտ քիչ մը աւելի պիտի դժուարանան, եթէ հետզհետէ չշեշտուի համաշխարհայնացումը կրող անգլերէնի տարածումը ամէնուրեք, նաեւ` Հայաստանի մէջ, բռնելով ոմանց երազած մէկ պետութիւն, մէկ կառավարում եւ մէկ մարդկութիւն ճամբան: Այսինքն` անհետացումը ազգերու: Բնութիւնը որպէս այդպիսին եւ մարդը որպէս բնութեան արարած` կրնա՞ն ենթարկուիլ, եւ կ’ընդունի՞ն ենթարկուիլ այդ միօրինականացման: Բանաստեղծ մը (Boileau) ըսած էր` «Արտաքսեցէ՛ք բնականը, ան քառասմբակ կը վերադառնայ»:

Սփիւռքը Ազգային Ինքնուրոյնութեամբ Պահելու Հարցը

Կրկնենք. մօտաւոր ճշգրտութեամբ անգամ պատկերացում չունինք սփիւռք(ներ)ի համրանքի, այդ համրանքի մէջ պահուած ինքնութեան եւ ակնկալելի յանձնառութեան տոկոսի մասին: Միշտ պէտք է ընդգծել, որ մարդոց եւ ազգի մը համար սփիւռքը անբնական կացութիւն մըն է, որ կ’առաջնորդէ փոփոխութեան, որուն համար կը գործածուին զանազան բառեր. պատշաճեցում, համարկում, մերւում եւ հուսկ` ձուլում, անհետացում, օտարում եւ այլասերում:

Սփիւռքի ազգային ինքնուրոյնութեամբ գոյատեւման համար համահայկական ռազմավարութիւն եւ մարտավարութիւն չունինք, այդ չունի հայրենի պետութիւնը, չունին սփիւռքները: Ինչ որ կատարուած է եւ կը կատարուի, միշտ մասնակի է, ցաւի դէմ` homռopathique դարմաններ, եթէ դեռ placebo չեն: Եթէ չենք յաջողիր, որ սփիւռքածին իւրաքանչիւր հայ տղայ եւ աղջիկ հայկական վարժարան յաճախելու պատեհութիւն ունենայ, եթէ զէնքեր վար կը դնենք եւ դպրոցներ կը փակենք, եթէ մարդորսական պատճառաբանութիւններով լրատուամիջոցները կը դառնան օտարալեզու, մասնակից եւ մեղսակից կ’ըլլանք սփիւռքի համրանքի աստիճանական այլասերման: Նախորդող սերունդի մարդիկ, պարզ բանաձեւումով կ’ըսէին` ճերմակ ջարդ:

Բարի ցանկութեամբ եղած յայտարարութիւնները սփիւռքը պահելու միտող կազմակերպուածութեան մասին, հանդիսութիւններու բեմերէն վար չեն իջներ, առարկայ չեն համահայկական վերաբերումի: Հայաստանի համար երբ կարելի է տասնեակ միլիոնաւոր տոլար հաւաքել, եւ այդ պէտք է ընել, ինչո՞ւ այդ պէտք չէ ընել ազգի աւելի քան կէս համրանքի ինքնուրոյնութեան պաշտպանութեան համար: Այս ուղղութեամբ, կրկնենք, ո՛չ համահայկական ծրագրում կայ, ո՛չ ալ միջոցներ: Կարծէք` կը ծանծաղինք` քիչ մը աւելի, քիչ մը պակաս, թաղայինի եւ բարեսիրականի թափառումներուն մէջ: Չկայ նոյնիսկ հայրենադարձութեան ծրագրում: Բայց կան գէթ դեռ ներկայ ամբոխները զուարճացնող հրավառութիւններ:

Բայց բացակայ ամբոխները ո՞ւր գտնել…

Չեզրակացնելու Համար

Հարցերը կան: Անոնց լուծումները ազգը պիտի գտնէ եւ իրականացնէ, որոնք դուրսէն պիտի չգան: Բայց պէտք է հասկնալ նաեւ, որ մեր բարդ եւ մաշեցնող կացութեան մէջ ոգեշնչող ճառերը, սիրողականի մակարդակին էսթեպլիշմընթի ինքնարդարացման ծառայող աղմկարարութիւնը եւ միշտ սպասուող լուծումները ոչինչ կրնան փրկել, ոչ մէկ ապագայ կը պատրաստեն:

Հայաստան եւ Արցախ վաղ թէ ուշ պիտի յաղթահարեն իրենց դժուարութիւնները: Անոնք պետութիւն են:

Ինչպէ՞ս պիտի յաղթահարուին սփիւռքներու հարազատութեամբ գոյատեւման խնդիրները: Խնդիրները` ազգի աւելի քան կէսին, որ պատմութեան բեմին վրայ մնալու, չանհետանալու տեսական կարողականութիւն է (potentiel), որ այսօր կարծէք ինքզինք սահմանած է միայն Հայաստանի նկատմամբ խիղճ հանդարտեցնող բարեսիրութեան:

Տեղ մը օրակա՞րգ է սփիւռքը` որպէս հայրենահանուած ազգի հատուած 2100-ին, երբ այսօր երթեւեկողները եւ աղմկողները այլեւս պիտի չըլլան: Հարցում էր… Որո՞ւ ուղղուած…

25 նոյեմբեր 2018,  Քուինզ, Նիւ Եորք

 

 

Գանձակը` Արիւնալի Կամուրջ «Սումկայիթի» Եւ Պաքուի «Սեւ Յունուարի» Միջեւ

$
0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ
Քաղաքական վերլուծաբան

Ուղիղ 30 տարի է անցել Գանձակի հայութեան ինքնապաշտպանութեան հերոսական, միեւնոյն ժամանակ` ողբերգական իրադարձութիւններից, որոնք իբրեւ հայոց նորագոյն պատմութեան անմոռաց էջեր, շարահիւսուած են արցախահայութեան ազգային-ազատագրական շարժման ու պայքարի տարեգրութեանը:

Անցած դարավերջին Ազրպէյճանում հայ ժողովրդի նկատմամբ պետականօրէն իրագործուած ցեղասպանութեան ոճրալի շղթայում Գանձակ-Կիրովապատի իրադարձութիւնների տեղն ու դերը հէնց այսպէս է բնորոշել քաղաքի հայ բնակիչներից մէկը` դրանք անուանելով` արիւնալի կամուրջ «Սումկայիթի» եւ Պաքուի «սեւ յունուարի» միջեւ: Ինչպէս յայտնի է, մեկնարկած լինելով Սումկայիթի հայ բնակչութեան 1988թ. փետրուարեան ջարդերով, այն իր կիզակէտին էր հասել 1990-ի յունուարին: Յայտնի է նաեւ, որ  խայտառակաբար ձախողուելով մինչ այդ` փետրուարի 21-ին, Ասկերանի ուղղութեամբ ձեռնարկած ամբոխային արշաւանքում, Պաքուի իշխանութիւնները թէ՛ «Սումկայիթը» եւ թէ՛ «Գանձակը» նախատեսել էին իբրեւ զանգուածային ջարդերի նոյն այդ շղթայի մէկ միասնական օղակ: Նախատեսուած լինելով իրագործել  համաժամանակ` գրեթէ միեւնոյն օրերին` դրանք պէտք էր բնաջնջման սարսափի հզօր մարտահրաւէր-ազդակ հանդիսանային ազգային-ազատագրական պայքարի ելած արցախահայութեան եւ նրան համազգային աջակցութիւն յայտնած Հայաստանի ու սփիւռքի հայութեան համար: Այն պէտք էր դառնար Պաքուի  ազդու պատասխանը` մայր հայրենիքի հետ վերամիաւորուելու մասին ԼՂԻՄ մարզխորհրդի փետրուարի 20-ի որոշմանը, դառնար սպառնալի զսպաշապիկ ողջ հայ ժողովրդի համար` այն հեռանկարով, որ հակառակ դէպքում կարող  է   կրկնուել դարասկզբին Արեւմտեան Հայաստանում եւ Օսմանեան Թուրքիայի ողջ տարածքում, ապա եւ արեւմտեան մերձկասպեան` ներկայիս Ազրպէյճանի տարածքում 1915-1923 թուականներին իրագործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Յայտնի է, որ Սումկայիթում հայ քաղաքացիների ջարդերը տեղի ունեցան  հիմնականում փետրուարի 27-29` ուղեկցուելով միջնադարեան բարբարոսութեան բոլոր երեւակայելի ու աներեւակայելի ոճրագործութիւններով` սկսած ուղղակի սպանութիւններից մինչեւ կենդանի մարդկանց, այդ թւում` ծերերի, կանանց ու մանկանց հրապարակային հրկիզումներ, խմբային բռնաբարութիւններ, այսինքն` նոյն այն ձեռագրով, որով իրագործուել է դարասկզբի Հայոց մեծ եղեռնը:  Անմեղ զոհերի թիւը, առ այսօր լրիւ չճշդուած տարբեր տուեալներով, հարիւրների էր հասել: Սումկայիթի  աւելի քան 18 հազար հայեր, ովքեր քաղաքի բնակչութեան հազիւ 7  տոկոսն էին կազմում, մազապուրծ լինելով գազազած ամբոխի գիշատչական ճիրաններից, ստիպուած էին լքել իրենց իսկ ձեռքերով կառուցած բնակավայրն ու խոշոր արդիւնաբերական կենտրոնը` ապաստանելով ով` Հայաստանում, ով` Արցախում, ով` Խորհրդային Միութեան եւ աշխարհի տարբեր ծայրերում:

Սակայն այն, ինչ ազրպէյճանական իշխանութիւնների կողմից կառավարուող ու հրահանգաւորուող ջարդարարների ամբոխին յաջողուեց Կասպից ծովի ափին` Սումկայիթ քաղաքում, դարձեալ, ինչպէս որ Ասկերանի մատոյցներում էր, Գանձակում ձախողման մատնուեց:

Ի դէպ, նախքան այդ իրադարձութիւններին անցնելը, կարծում եմ, արժէ նրանց համար, ում, յուսամ, հետաքրքրում է, թէկուզ հպանցիկ յետադարձ հայեացքով հակիրճ ներկայացնել հինաւուրց հայկական Գանձակի պատմութիւնը:

Գանձակ քաղաքը, որի անունը ծագում է հայերէն գանձ բառից, իսկ պարսկա-թուրքական յորջորջմամբ դարձել է Գեանճա, գտնւում է Մեծ Հայքի Ուտիք նահանգում: Օսմանեան զօրքերի կողմից 1918թ. բռնագրաւուելու եւ «Ազրպէյճան»  անունով թուրքական նոր պետութիւն ստեղծելու պահին քաղաքը կոչւում էր Ելիզավետպոլ, ապա 1920-ին վերականգնուել է քաղաքի նախկին թուրքական անունը, որը նորից անուանափոխուեց 1935-ին` Կիրովապատ: 1991թ. քաղաքը Պաքուի իշխանութիւնների կողմից վերանուանուեց Գեանճա, որը հնչիւնային առումով հայկական Գանձակ անուանման խեղաթիւրուած ազրպէյճանական տարբերակն է:

Ինչպէս «Հայոց Գանձակը» ճանաչողական յօդուածում գրում է բանասիրական գիտութիւնների դոկտոր Հենրիկ Բախչինեանը, Գանձակի տարածքը, պատմա-աշխարհագրական առումով, վերաբերում է Հայոց Արեւելից կողմանքին, մասնաւորապէս, պատմական Գարդմանքին եւ Հիւսիսային կամ Դաշտային Արցախին:  Քաղաքը հիմնադրուել է 846թ. եւ շրջապատուած էր հայկական բազում գիւղերով ու վանքերով: Յատկապէս նշանաւոր էր աւելի վաղ` 751թ. կառուցուած Դասնօ վանքը, որտեղ Մխիթար Գոշը գրել է իր հռչակաւոր «Դատաստանագիրք»-ը: Հայ ստեղծարար շինարարների, հմուտ առեւտրականների եւ բազմաշնորհ կրթական-մշակութային գործիչների շնորհիւ` Գանձակն արագօրէն զարգացել է եւ դարձել տարածաշրջանի վարչա-տնտեսական եւ հոգեւոր կենտրոնը, որը մեր պատմիչները` Վարդան Արեւելցին, Կիրակոս Գանձակեցին, կոչել են ,«Գանձակ Հայոց» կամ «Գանձակ Առանի»: Սկսած 9-րդ դարի վերջից մինչեւ 12-րդ դարը` Գանձակում է հաստատուել Աղուանից Հայոց կաթողիկոսութեան գահը: Քաղաքը նախապէս ընդգրկուել է Բագրատունեաց թագաւորութեան կազմում, ապա, Հայաստանի միւս գաւառների ու քաղաքների նման, ենթարկուել է արաբների, այնուհետեւ սելճուք թուրքերի ասպատակութիւններին ու գերիշխանութեանը: Հետագայում` 12-րդ դարի վերջին եւ յաջորդ հարիւրամեակի սկզբներին Գանձակն իր շրջակայքով ազատագրուել է սելճուքներից եւ ընդգրկուել Զաքարեան իշխանապետութեան մէջ` դառնալով, ըստ սկզբնաղբիւրների, հայահոծ, հարուստ եւ ամուր բերդաքաղաք: Նշուած ժամանակաշրջանում այդ տարածաշրջանին վիճակուած էր չափազանց նշանակալից դեր կատարել մեր ժողովրդի կեանքում: Երբ թուրք սելճուքների ասպատակութիւնների պատճառով կասեցուեց քրիստոնէական աշխարհում առաջինն սկիզբ առած Վերածնունդի (Ռենեսանսի) շարժումը, յատկապէս Գանձակից ու նրա շրջակայ կրթա-մշակութային օճախներից ծագեց եւ Հայաստանով մէկ տարածուեց հայ դպրութեան ու մշակոյթի նոր կենարար ալիքը: Այդտեղից սերուած բազում մատենագիրներից ու գործիչներից յիշենք ամենաերեւելիներին. Յովհաննէս Սարկաւագ Իմաստասէր` աստուածաբան, փիլիսոփայ, տոմարագէտ, շարականագիր, արուեստի տեսաբան, որ յատկապէս առաջ է մղել հայ գեղագիտական միտքը, խոշոր իրաւագէտներ` Դաւիթ Ալավկայ Որդի եւ Մխիթար Գոշ, որոնցից երկրորդը նաեւ եղել է հայ առակագրութեան հիմնադիրը եւ աննախադէպ բարձունքի է հասցրել հայ իրաւագիտական միտքը, նշանաւոր պատմիչներ` Կիրակոս Գանձակեցի եւ Վարդան Արեւելցի, որոնք որակական նոր աստիճանի են հասցրել միջնադարեան հայ պատմագրութիւնը:

Գանձակի աստեղային ժամը, սակայն, դժբախտաբար շատ երկար չի տեւել: 1236թ. քաղաքն աւերել են թաթար-մոնկոլները: Այդուհանդերձ, շրջակայ վանքերում շարունակուել է հայ կրթական-մշակութային կեանքը: Այնուհետեւ` 16-րդ դարում, Գանձակը վերակառուցուել է եւ անցել Սեֆեան Պարսկաստանին` որպէս առանձին խանութեան կենտրոն, մինչեւ 19-րդ դարի սկիզբը: Այս ժամանակաշրջանում, հայ եւ օտար աղբիւրների վկայութեամբ, Գանձակի եւ նրա շրջակայքի բնակչութիւնը հիմնականում (եթէ ոչ ամբողջապէս) կազմել են հայերը: նրանք շարունակել են շէնացնել հայրենի երկիրը, կառուցել բազում քաղաքացիական ու հոգեւոր շինութիւններ: Այսպէս, 1633-ին է կառուցուել Գանձակի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ մայր եկեղեցին: 18-րդ դարի կառոյցներ են քաղաքի Սուրբ Ամենափրկիչ, Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Սարգիս, Սուրբ Թադէոս եկեղեցիները:

1804թ. Գանձակն ընդգրկուել է Ռուսական կայսրութեան մէջ, վերանուանուել Ելիզավետպոլ եւ որոշ ժամանակ անց դարձել համանուն նահանգի կենտրոնը: Այս ժամանակաշրջանում եւս Գանձակում եւ շրջակայքում հայութեան թիւը գերակշիռ է եղել: Ըստ վիճակագրական աղբիւրների, Ելիզավետպոլ-Գանձակի նահանգում ապրել է շուրջ 400 հազար հայ: Գանձակահայութիւնը շարունակել է իր բեղուն ազգային կրթա-մշակութային կեանքը. գործել են հայկական դպրոցներ, թատերախմբեր, տպագրուել են գրքեր, մամուլ, վերաշինուել են որոշ եկեղեցիներ, կառուցուել է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին:

Աստիճանաբար, յատկապէս բազմաթիւ մարդկային կեանքեր խլած 1905-1906թթ. հայ-թաթարական ընդհարումներից յետոյ, հայերի թիւը Ելիզավետպոլ-Գանձակի նահանգում բաւական նուազել է, եւ բազմացել են սելճուքների հետ բուն Աղուանքի եւ Հայոց Արեւելեան կողմանքի տարածքները թափանցած օղուզ թուրքերը, որ հետագայում կոչւում էին կովկասեան թաթարներ:

1918թ., երբ արհեստականօրէն կազմաւորուեց Ազրպէյճանի մուսաւաթական հանրապետութիւնը, նրանում ընդգրկուեցին պատմական Հայաստանի մի շարք գաւառներ, այդ թւում` նաեւ Գանձակը: Յատկապէս Այսրկովկաս ներխուժած օսման թուրքերի աջակցութեամբ` ուղղուած  թուրքական նոր պետութեան ստեղծմանը, այդ շինծու երկիրը յանձնուեց նրանց ցեղակից կովկասեան թաթարներին, որոնք 30-ական թուականների կէսերից նոր միայն սկսեցին կոչուել ազրպէյճանցիներ:

Ազրպէյճանի Խորհրդային Հանրապետութիւնն արդէն ոչ միայն իր կազմում հաստատագրեց Գանձակը` ողջ Հիւսիսային Արցախով հանդերձ, այլեւ իւրացրեց Լեռնային Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը: Խորհրդային տարիներին Գանձակը դեռեւս հայաշատ էր, եւ  հայ բնակչութիւնը, չնայած ազգային իրաւական սահմանափակումներին ու ճնշումներին, շարունակում էր իր կենսագործունէութիւնը: Քաղաքն ունեցել է հայկական դպրոցներ, մամուլ. 1935-1949 թուականներին գործել է հայկական տրամաթիքական թատրոն, որը կամայականօրէն փակուել է Պաքուի Լեւոն Երամեանի անուան հայկական պետական տրամաթիքական թատրոնի հետ միաժամանակ: Ըստ վիճակագրական տուեալների, 80-ականների վերջերին քաղաքում բնակւում էր 230 հազար ազրպէյճանցի եւ 45 հազար հայ, որից 13 հազարը` ազրպէյճանական թաղամասում:

Եւ ահա 1988թ., երբ վերստին սկիզբ առաւ արցախահայութեան ազգային-ազատագրական հզօր շարժումը, Սումկայիթի հետ գրեթէ համաժամանակ զանգուածային յարձակումների ենթարկուեցին նաեւ Գանձակ-Կիրովապատի հայաբնակ թաղամասերը: Մետաղեայ ձողերով եւ այլ կտրիչ-ծակող գործիքներով զինուած ազրպէյճանական ամբոխն առաջին աւազակաբարոյ յարձակումը ձեռնարկեց «Սումկայիթի» մեկնարկից մէկ օր անց` փետրուարի 28-ին, բայց հանդիպելով քաղաքի հայկական թաղամասերի բնակիչների կազմակերպուած դիմադրութեանը, ստիպուած եղաւ ընկրկել: Փաստօրէն, Գանձակը, ի հեճուկս Պաքուի իշխանութիւնների, 1988-ի փետրուարին երկրորդ «Սումկայիթ» չդարձաւ: Հակամարտ կողմերի առաջին մեծ  բախման վայրը քաղաքը երկու մասի բաժանող Ախսու գետի կամուրջն էր, որի աջ կողմում հայկական թաղամասերն էին, իսկ ահեակում` թուրքականը:

Պետական մակարդակով հանգամանալի նախապատրաստութիւնից յետոյ` 1988-ի նոյեմբերի 21-ից Ազրպէյճանի բոլոր հայաբնակ շրջաններում, այդ թւում` Գանձակում, գործի է դրւում զանգուածային հայաթափման ծրագիրը: Անշուշտ, միանգամայն իրաւացի է «Գոլոս Արմենիի» թերթի քաղաքական մեկնաբան Մարինա Գրիգորեանը` նշելով, որ այն, ինչ տեղի ունեցաւ 88-ի նոյեմբերին Գանձակում, «բացարձակապէս ներգրւում է այն ժամանակուայ իրադարձութիւնների սրընթաց զարգացման տրամաբանութեան մէջ»: Ամէնուրեք Ազրպէյճանում սկսւում են հայերի ցեղային զտումները, թալանն ու ջարդերը: Մայիսին բռնի տեղահանուել էր Շուշի քաղաքի, Դաշտային Արցախում գտնուող Խանլարի, Միր-Պաշիրի եւ Կասում Իսմայլովի շրջանների  ողջ հայ բնակչութիւնը, իսկ ամրանը եւ աշնանը բռնագաղթի ենթարկուեցին Հիւսիսային Արցախի մի մեծ հատուածի` Շամխորի, Գետաբեկի շրջանների հայկական գիւղերի բնակիչները:

Գանձակում, չնայած ազրպէյճանական հաշուեյարդարի քանիցս փորձերին, հայերը տակաւին կանգուն էին մնում: Ջարդերի ահազանգն այդտեղ հնչեց նոյեմբերի 21-ին: Ոչ լրիւ տուեալներով, գրեթէ երկու շաբաթուայ ընթացքում սպաննուեց 18, անյայտ կորաւ 60 եւ ծանր վիրաւորուեց շուրջ 80 մարդ: Բացի այդ` գրանցուել են մի շարք ողբերգական դէպքեր: Այսպէս, ազրպէյճանցի ջարդարարները, ներխուժելով Գանձակի ծերանոց, պատանդ են վերցնում եւ դաժանօրէն սպաննում այնտեղ ապաստանած հայազգի 12 ծերերի, որոնց մասնատուած դիակները յայտնաբերուել են միայն 1990թ. ամրանը` Գանձակի մատոյցներում: Այդ սահմռկելի ոճրագործութեան փաստն առաջինը հրապարակել է  մոսկովեան «Քոմսոմոլսքայա Փրաւտա» թերթը` 1990-ի փետրուարեան համարներից մէկում: Հաղորդագրութեան մէջ նշւում է. «ԽՍՀՄ ՆԳՆ (ներքին գործերի նախարարութեան.-խմբ.) Քրէական հետախուզութեան խմբի կողմից հաստատուել է Գեանճա (Կիրովապատ) քաղաքի Քեափազի (քաղաքային շրջան-խմբ.) հաշմանդամների տնից հայ ազգութեան 12 տարեց մարդկանց դուրս բերելու եւ նրանց սպաննելու փաստը: Կուր գետի ափին, Գեանճայից 40 քիլոմեթր հիւսիս-արեւմուտք  յայտնաբերուել են 12 թաղուած դիակներ. 11 կանանց եւ 1 տղամարդու: Նրանց մէջ կան զառամեալ տարիքի մարդիկ»: ԽՍՀՄ ՆԳՆ քաղվարչութեան պետի տեղակալ, զօրավար Եւգենի Նեչայեւի խօսքով, նոյն օրը` փետրուարի 14-ին զինծառայողները յայտնաբերել են եւս 6 դիակ, այս անգամ` Խանլարի շրջանի նախկին հայկական Հաճիքենդ գիւղի մերձակայքում` Գանձակ-Կիրովապատից 20 քմ հեռաւորութեան վրայ: «Դիակներն այլանդակուած են բազմաթիւ խոցովի վէրքերով», ասւում է հաղորդագրութեան մէջ:  Միայն տարիներ անց յայտնի դարձան 18 նահատակների անունները. ի պատասխան հայ պատգամաւորների հարցադրման` դրանք հաղորդել է ԽՍՀՄ ՊԱԿ-ի (Պետական անվտանգութեան կոմիտէ – խմբ.) նախագահ Վլատիմիր Քրիւչքովը:

Սումկայիթեան դէպքերի կրկնութիւնը Գանձակում բացառելու նպատակով նոյեմբերի 21-ի գիշերը ստեղծուեց «Գանձակ» կոմիտէն` որպէս ինքնապաշտպանութեան ղեկավար մարմին: Կոմիտէի ղեկավար կազմում ընդգրկւում են` տէր Սահակ Սահակեանը, Գրիգոր Օգանեզովը, Խ. Սարգսեանը, Ս. Յակոբեանը, Ն. Մինասեանը, Ճիւլեթա Վերդեանը, Կ. Խաչատրեանը, Ալ. Բալասանեանը, Վ. Ասրեանը, Մ. Եսայեանը, Վ. Բայտալովը եւ ուրիշներ: «Գանձակ» կոմիտէն կարճ ժամանակահատուածում հայկական թաղամասերում ստեղծում է պահակակէտեր, կազմակերպում ազրպէյճանական թաղամասերում եւ քաղաքի յարակից գիւղերում բնակուող հայերի տարհանումն ու փոխադրումը հայկական վերահսկողութեան գօտի` նրանց ապահովելով առաջին անհրաժեշտութեան միջոցներով: Քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցում գործում էին բուժկէտ` վիրաւորների համար եւ ճաշարան` անտուն մնացած մարդկանց համար: Առհասարակ եկեղեցին ապահով ապաստարան էր դարձած կանանց, երեխաների, ծեր եւ հիւանդ մարդկանց համար: Կամաւորականները սնունդ էին տեղափոխում նոյնիսկ այն բնակարանները, որոնցում խմբովի ապաստանած էին հայ բնակիչները: Փողոցներում եւ խաչմերուկներում պատնէշներ էին կառուցուել աւազի պարկերից, մետաղեայ մահճակալներից, տակառներից, պատրաստուել էին հրկիզող խառնուրդով լի շշեր եւ այլն: Գիշերները խմբերը թափանցում էին ազրպէյճանական թաղամասերը եւ դուրս բերում այնտեղ մնացած հայրենակիցներին: Բացի այդ` կոմիտէն բանակցութիւններ էր վարում քաղաքային իշխանութիւնների, ոստիկանութեան եւ խորհրդային զինուած ուժերի ներկայացուցիչների հետ, կազմակերպում շուրջօրեայ հանրահաւաքներ: Համաժամանակ ստեղծուեցին  ինքնապաշտպանական շրջաններ, որոնք ղեկավարում էին` Ա. Շահնազարեանը, Ջ. Զաքարեանը, Վ. Մաթեւոսեանը, Եու. Դաշեանը, Տ. Բայանդուրեանը, Զ. Շահինեանը եւ ուրիշներ:

Գանձակի հայութեանը վերջնագիր էր ներկայացուել` մինչեւ նոյեմբերի 24-ը լքել քաղաքը: Ազրպէյճանական ամբոխը, զինուած ինքնաշէն զէնքերով, երթեր էր անցկացնում փողոցներում` սպառնալիքներ գոչելով հայերի հասցէին: Ինչպէս Սումկայիթում էր, ջարդարարները գիտէին հայերի հասցէները, մանաւանդ` քաղաքի ազրպէյճանական  մասում, որտեղ նրանք բնակւում էին իրարից անջատ-անջատ ու չէին կարող համատեղ կազմակերպել իրենց պաշտպանութիւնը: Հիմնականում հէնց այդ թաղամասերում էլ ամբոխի  գրոհներին էին ենթարկւում անպաշտպան մնացած հայ ընտանիքները:  Ինչպէս որ ինն ամիս առաջ Սումկայիթում էր` նրանց սպաննում էին, կողոպտում, դաժան բռնութիւնների ու ծաղրուծանակի ենթարկում: Տարբերութիւնն այն էր, որ Գանձակում տեղացի հայերը, հիմնականում հոծ ապրելով հայկական թաղամասերում, կարողանում էին կազմակերպել ինքնապաշտպանութիւնը:

Սակայն գլխաւոր առանձնայատկութիւնն այդտեղ այն էր, որ գանձակցի հայերը քաջ գիտակցում էին միասնութեան ու կազմակերպուածութեան ուժը, որի շնորհիւ կարելի է հակադրուել ու դիմադրել բազմամարդ գազազած ամբոխին, թէկուզ եւ այն վայելում է ջարդերի կազմակերպիչների` Ազրպէյճանի իշխանութիւնների ամենայն աջակցութիւնը:

Նոյեմբերի 24-ին ազրպէյճանական հրոսակները գրոհի անցան` փորձելով անցնել բաժանարար կամուրջը: Ինչպէս վկայում է ռուս զինծառայող Իվան Չուկունովը. «Զինուած ամբոխները` պենզինի տարաները եւ ինքնաշէն նռնակները ձեռքներին, շարժւում էին դէպի քաղաքի հայկական մաս` նպատակ ունենալով շրջապատել այն, հրկիզել հայերին պատկանող առեւտրա-կենցաղային սպասարկման ձեռնարկութիւնները եւ զաւթել տները: Տասնեակ հազարաւոր մարդկանց գլխին կախուել էր դաժան հաշուեյարդարի սպառնալիքը»:  Ամբոխի յարձակումը հնարաւոր եղաւ կանգնեցնել 5 զինուորի եւ 1 սպայի կեանքի գնով: Ի դէպ, հարկ է նշել, որ ի տարբերութիւն Սումկայիթի` խորհրդային բանակի զօրամասերը Գանձակում գործում էին բաւական յստակ եւ հայերին որոշակի օգնում էին պաշտպանուել:

Գանձակի հայութեան հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը տեւեց մինչեւ դեկտեմբերի 10-ը: Չնայած դրան` «Գանձակ» կոմիտէն շարունակում էր ընդյատակեայ կարգով գործել մինչեւ յաջորդ տարուայ փետրուար: Իրավիճակը փոքր ի շատէ  մեղմացել էր, երբ քաղաք մտցուեցին լրացուցիչ բանակային զօրամասեր, որոնք շրջափակեցին քաղաքի հայկական մասը: Միայն լաւ կազմակերպուած ինքնապաշտպանութեան շնորհիւ հնարաւոր եղաւ խուսափել լայնածաւալ կոտորածից: Բայց հետագայ մի քանի ամսուայ ընթացքում ողջ հայ բնակչութիւնը` շուրջ 45 հազար հայ, աւաղ,  ստիպուած եղաւ հեռանալ հարազատ քաղաքից` լքելով սեփական տներն ու վիթխարի ունեցուածքը եւ տեղափոխուեց Հայաստան ու Արցախ: Այդուհետ Ազրպէյճանի ցեղասպան իշխանութիւնների համար կանաչ լոյս էր վառուած դէպի Պաքուի հայ բնակչութեան 1990թ. յունուարեան ջարդեր տանող արիւնալի ճանապարհին:

 

 

 

Արցախ

Յատուկ «Ազդակ»-ի համար

Ակնարկ. Գրաւոր-Բանաւորին Համահնչեղութեան Քաղաքական Իմաստը

$
0
0

10 դեկտեմբերին ազգովին կը նշենք Արցախի Հանրապետութեան պետական անկախութեան մասին հանրաքուէի եւ Սահմանադրութեան օրը: Բնականաբար հայկական լրատուադաշտը այս ժամանակին գերյագեցած պիտի ըլլար Հայաստանի Հանրապետութեան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներով, մեկնաբանութիւններով եւ այս գործընթացին վերաբերող խորհրդարան անցած կամ չանցած կուսակցութիւններու յայտարարութիւններով:

Ազգային ժողովը կը բաղկանայ երեք կուսակցութիւններէ: Նկատի ունենալով, որ արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուծումներուն պատկերացումներու, հայեցակարգերու գաղափարաքաղաքական եւ ծրագրայնութեամբ յատկանշուած բանավէճ ըստ էութեան չկայացաւ, անհրաժեշտութիւն կը նկատուի հիմա խորհրդարանական կուսակցութիւններու նախընտրական ծրագիրներու Արցախին վերաբերող բաժիններուն դիմելու` պատկերացում կազմելու համար արցախեան հիմնախնդիրին մասին անոնց հայեցակարգային հիմնադրոյթներուն մասին:

Այսպէս: Իշխող դաշինքի նախընտրական ծրագիրի Արցախին առնչուած բաժինը կը նշէր.

«Իմ քայլը» դաշինքը գերնպատակ կը նկատէ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի կենսագործմամբ Արցախի ժողովուրդի` սեփական ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքի անքակտելիութեան եւ միջազգային ճանաչումը ապահովելը: Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման նպատակով քաղաքական ուժը կ՛առանձնացնէ  հետեւեալ քայլերը`

«1. Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման գործընթացի  շարունակական իրականացում,

2. Արցախի` իբրեւ հակամարտութեան հիմնական կողմ` կարգաւորման գործընթացին մէջ որոշիչ ձայնի ճանաչում եւ բանակցութիւններուն ներգրաւուածութեան ապահովում,

3. հրադադարի դրութեան խախտման դէպքերու նուազեցման եւ հետաքննութեան մեքանիզմներու ներդրումը,

4. Արցախի բնակչութեան ֆիզիքական անվտանգութեան արտաքին սպառնալիքներու չէզոքացում,

5. Արցախի միջազգային կապերու, բնակչութեան ազատ տեղաշարժի եւ մարդասիրական շփումներու օժանդակում»: Ինչ կը վերաբերի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին, «Իմ քայլը» դաշինքը կարեւոր կը նկատէ պահպանել այդ ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափով ընթացող գործընթացի շրջանակները` հիմք ընդունելով Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային պարտաւորութիւնները, միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքները, մասնաւորապէս` ժողովուրդներու իրաւահաւասարութիւնը եւ ինքնորոշման իրաւունքը:

Դաշինքի ծրագիրին մէջ ամրագրուած է նաեւ, որ «Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման որեւէ տարբերակ, որ ընդունելի չէ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն համար` ընդունելի չ՛ըլլար Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան համար»:

Ազգային ժողով մուտք գործած երկրորդ ուժը` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը (ԲՀԿ) կ՛ամրագրէր.

«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի վերջնական նպատակը Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչում է»: ԲՀԿ-ն կը գտնէ, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը պէտք է հանգուցալուծուի խաղաղ, բանակցային ճանապարհով` փոխհամաձայնութեան հիման վրայ եւ միայն Արցախի մասնակցութեամբ: Ըստ նախընտրական ծրագիրի` «պէտք է յառաջիկայ երկու տարիներու ընթացքին կտրուկ աւելցնել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները, բոլոր ուղղութիւններով ընդլայնել փոխադարձ տնտեսական համարկումի գործընթացը»:

Եւ վերջապէս, Լուսաւոր Հայաստանի Արցախի վերաբերող հայեցակարգային բանաձեւը հետեւեալն էր.

Արցախեան հիմնահարցի լուծման եւ Հայաստանի անվտանգութեան գլխաւոր երաշխիքը հզօր տնտեսութիւնն է: Կուսակցութիւնը կը սատարէ արցախեան խնդիրի արդար եւ խաղաղ կարգաւորման ուղղուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն` միաժամանակ Արցախի քաղաքական եւ տնտեսական զարգացումը դիտարկելով Հայաստանի Հանրապետութեան կարեւորագոյն առաջնահերթութիւն: Այս քաղաքական ուժը կարեւոր կը նկատէ նաեւ «բանակցային գործընթացին մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներգրաւումը` իբրեւ բանակցային լիիրաւ կողմ»:

Հիմա փորձենք նկատել երեք ուժերու միջեւ նկատուող ընդհանուր յայտարարները.

Խորհրդարանական երեք խմբակցութիւններն ալ կ՛առաջադրեն հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը: Բանակցային ձեւաչափին Ստեփանակերտի ներառուիլը երեք ուժերու նախընտրական ծրագիրին մէջ իբրեւ հիմնադրոյթ նշուած է:

Իմ քայլն ու Լուսաւոր Հայաստանը կողմ են պահպանելու ԵԱՀԿ-ի միջնորդական առաքելութեան շրջանակներուն մէջ բանակցութիւններու շարունակումը:

Եթէ Իմ քայլն ու Բարգաւաճ Հայաստանը Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումի հրամայականին մասին ունին ուղղակի նշում, ապա Լուսաւոր Հայաստանի որդեգրած բանաձեւին մէջ նշումը անուղղակի է. Արցախի Հանրապետութեան ներգրաւումը իբրեւ բանակցային լիիրաւ կողմ կ՛ենթադրէ իբրեւ պետական անկախ միաւոր ճանչնալ Արցախը` անուղղակիօրէն իրաւական ճանաչումի առաջնորդող մօտեցումի համազօր նկատելով:

Արցախի տնտեսութեան հզօրացման առաջնահերթութիւնը ընդգծած են Բարգաւաճ Հայաստանն ու Լուսաւոր Հայաստանը, մինչ տնտեսական բաղադրիչը կը բացակայի Իմ Քայլի բաժինին մէջ:

Այն ինչ որ Իմ քայլը նշած է եւ որ տեղ չէ գտած միւս երկու խորհրդարանական կուսակցութիւններու արձանագրութիւններուն մէջ հետեւեալներն են.

– հրադադարի դրութեան խախտման դէպքերու նուազեցման եւ հետաքննութեան մեքանիզմներու ներդրումը,

– Արցախի բնակչութեան ֆիզիքական անվտանգութեան արտաքին սպառնալիքներու չէզոքացում,

– Արցախի միջազգային կապերու, բնակչութեան ազատ տեղաշարժի եւ մարդասիրական շփումներու օժանդակում:

– Նախապայմանային մօտեցումի ընդգծում` առանց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի ժողովուրդներու համաձայնութեան հանգուցալուծման որեւէ  տարբերակի չհամաձայնելու:

Կ՛ենթադրուի, որ խորհրդարան ներկայացուելիք կառավարութեան ծրագիրին մէջ Արցախի յատկացուելիք բաժինը համադրումը պիտի ըլլայ այստեղ նշուածներուն: Գրաւոր բաժինին մէջ անորոշ ձգուող կամ խառն ուղերձ փոխանցող բաժին գոյութիւն չունի: Խնդիրը այս պարագային այն է, որ տարակուսելի կը թուի քաղաքացիին քուէով դիրքորոշուելու գործընթացին վրայ նման հայեցակարգային խնդիրներու ներկայացման ազդեցութիւնը:

Ծրագրային այս դրոյթներէն անկախ, մինչ այժմ անպատասխան կը մնան հակառակորդին կողմէ հրադադարի համեմատական յարգման բուն շարժառիթները իմանալու հարցադրումները կամ այս պարագային Իմ քայլի ծրագիրով իսկ նշուած «հրադադարի դրութեան խախտման դէպքերու նուազեցման եւ հետաքննութեան մեքանիզմներու ներդրումը», առաջադրանքին ընդառաջ Վիեննայի, Ս. Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի պայմանաւորուածութիւններուն յղում չկատարող այսօրուան միացեալ յայտարարութիւններու մասին ուրուագծուող մտահոգութիւններ փարատելու փորձերը: Ակնկալելի է նաեւ, որ ամէն անգամ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի (որոշ պարագաներու  նաեւ սփիւռքի) կամարտայայտութիւնները անպայման նկատի ունենալով եւ անոնց որոշիչ դերը ընդգծելու առընթեր միշտ յիշուի նախ` կարգավիճակի խնդիրին նախապայմանութիւնը կամ Արցախի միջազգային ճանաչումի սկզբունքի կենսագործման շրջանակներուն մէջ հարցի կարգաւորման մօտեցումը: Բանաւորի զուգակցումը գրաւորին կամ երկու տարբերակներուն համահնչեղութիւնը այս պարագային քաղաքական սուր նշանակութիւն ունի:

«Ա.»

Միացեալ Նահանգներուն Համար Թուրքիան Վստահելի Պետութիւն Մը Չէ

$
0
0

Ա. Ա.

Վերջին անգամ ամերիկեան ծովուժին պատկանող «Եու Էս Էս Մաունթ Ուիթնի» ռազմանաւը Սեւ ծովու ջուրերը հասաւ այս տարուան յուլիսին` ծովային ռազմափորձերու համար, որոնք կազմակերպուած էին ՕԹԱՆ-ի կողմէ:

Երէկ, սակայն, ամերիկեան լրատու աղբիւրներու կողմէ հաղորդուած լուրը կը նշէր, որ ամերիկացիք կը պատրաստուին ռազմանաւ մը ուղարկել Սեւ ծով, այս անգամ` իբրեւ հակազդեցութիւն Կերչի նեղուցին մէջ ուքրանական ռազմանաւերու դէմ ռուսական գործողութիւններուն, որոնք խիստ դատապարտանքի արժանացան թէ՛ Միացեալ Նահանգներու, թէ՛ ՕԹԱՆ-ի եւ թէ՛ Եւրոպական Միութեան կողմէ:

Նման քայլ անշուշտ Սեւ ծովու շրջանին մէջ լարուածութիւնը մակարդակ մը աւելի կը բարձրացնէ եւ կրնայ նոր զարգացումներու առիթ մը ըլլալ, հակառակ անոր որ յստակ է, թէ ամերիկեան ռազմանաւու մը Սեւ ծով ուղարկումը աւելի ուժի ցուցադրութիւն մըն է, քան` ռուսական ռազմանաւերու հետ բախման միտող քայլ մը:

Հոս արդէն դարձեալ մրցադաշտ կը մտնէ Թուրքիա` Տարտանելի եւ Վոսփորի նեղուցներուն միջոցով:

Թուրքիա, որ Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցն է, իր բազմաթիւ արարքներուն եւ քայլերուն պատճառով բաւական կորսնցուցած է ամերիկացիներուն վստահութիւնը, եւ այս պարագային, երբ ամերիկեան ռազմանաւուն դէպի Սեւ ծով նաւարկելու ուղին անխուսափելիօրէն Տարտանելի եւ Վոսփորի նեղուցներէն կ՛անցնի, օրակարգի վրայ կը դրուի Թուրքիոյ դերակատարութիւնը:

Գաղտնիք մը չէ, որ Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւնները եթէ ոչ թշնամական, գէթ այնքան ալ բարեկամական չեն` Սուրիոյ տագնապին, Ռուսիա-Թուրքիա գործակցութեան եւ յատկապէս Իրանի նկատմամբ ամերիկեան քաղաքականութեան կապուած հարցերու պատճառով: Բոլոր պարագաներուն ալ թուրքերը բնաւ ռազմավարական դաշնակիցի դրսեւորումներ չեն ցուցաբերեր, այլ ընդհակառակը, առիթ չեն փախցներ յայտարարելու, որ Թուրքիան ինքնիշխան պետութիւն է եւ ոչ ոքէ արտօնութիւն խնդրելու հարկադրանքին տակ կը գտնուի, օրինակի համար` Ռուսիայէն Էս- 400 տիպի հրթիռային համակարգ գնելու, կամ Իրանի հետ առեւտրական կապերը շարունակելու, հակառակ ամերիկեան տնտեսական պատժամիջոցներուն, եւ կամ նոյնիսկ` ասպարէզ կարդալու ամերիկացիներուն, որոնք Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ կը գործակցին Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկիչներ համարուող քրտական ինքնապաշտպանական ջոկատներուն հետ:

Յստակ է, որ այլ պատճառ մըն ալ գոյութիւն ունի` թուրքեւամերիկեան յարաբերութիւններուն լարուածութեան: Ռեճեփ Էրտողանի երբեմնի գործակից, իսկ ներկայիս ալ թունդ թշնամի, կրօնական քարոզիչ Ֆեթհուլա Կիւլենի Թուրքիոյ արտայանձնման խնդրով Անգարա-Ուաշինկթըն լարուածութիւնը կը յամենայ, եւ մինչեւ իսկ, լրատու հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, հարցը հասած է հոն, ուր Սպիտակ տան եւ ամերիկեան արդարադատութեան համակարգին միջեւ որոշ տարակարծութիւններու դուռ բացած է, որովհետեւ, ըստ հաւաստի տեղեկութիւններու, վարչակարգը թելադրած է քննել Կիւլենի արտայանձնման կարելիութիւնները: Թելադրանք մը, որ անընդունելի համարուած է արդարադատութեան համակարգի պաշտօնատարներու կողմէ:

Այս պատճառներով Թուրքիա Միացեալ Նահանգներու համար ռազմավարական վստահելի դաշնակից մը չէ, հակառակ անոր որ ամերիկեան վարչակարգը կը շարունակէ Թուրքիան համարել ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան համար կարեւոր առանցք մը, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ է, կայուն է եւ կրնայ օդային պաշտպանութեան եւ հետախուզութեան մարզերուն մէջ համագործակից մը ըլլալ:

Երեւութական այս տեսքը, սակայն, այնքան ալ համոզիչ չի թուիր ամերիկեան քաղաքական թէ ուսումնասիրական բազմաթիւ շրջանակներու, որոնց շարքին է հեղինակաւոր Արտաքին գործերու խորհուրդի արեւելագէտներէն Սթիվըն Քուքը:

Հիմա որ Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուին ամերիկեան ռազմանաւ մը Սեւ ծով ուղարկել, անպայման կարիքը ունին Թուրքիոյ արտօնութեան, որովհետեւ ամերիկեան ոչ մէկ նաւ Սեւ ծով կը հասնի` Տարտանելէն եւ Վոսփորէն այլ ուղիով մը: Արդէն իսկ պաշտպանութեան նախարարութիւնը արտաքին գործոց նախարարութեան առաջարկած է Անգարայի իշխանութիւնները տեղեակ պահել ամերիկեան այս մտադրութեան մասին, եւ պէտք է սպասել թուրքերուն հակազդեցութեան` ամերիկեան ռազմանաւուն դիմաց Տարտանելի եւ Վոսփորի նեղուցներուն անցքերը բանալու վերաբերեալ:

Շատ հաւանական է, որ արտօնութիւնը տրուի, սակայն նժարի մէջ է ահա դարձեալ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ գործակցութեան խնդիրը, թէ Անգարա որքա՛ն պատրաստ պիտի ըլլայ վերջին օրերու իր գործակիցը բարկացնել` ամերիկեան պահանջին ընդառաջելով: Ամենայնդէպս Միացեալ Նահանգներու համար ոչ այնքան վստահելի Թուրքիա դարձեալ կը վերածուի բանալի առանցքի մը եւ հոս է, որ բաւական խաղաքարտեր կրնան խառնուիլ:

 

Արցախը Հաւատարիմ Է Հողին Ու Հային

$
0
0

«Ապառաժ»

Ահա եւ աւարտուեց Հայաստանի Հանրապետութեան 2018թ. դեկտեմբերի հապճեպ խորհրդարանական ընտրութիւնների աննախադէպ` քարոզարշաւը: Աննախադէպ նախ եւ առաջ քարոզարշաւի տեւողութեան առումով եւ, անշուշտ, աննախադէպ` բովանդակութեան տեսանկիւնից:

Ինչպէս ընտրութիւնների թուականի հապշտապ ճշդումը, այնպէս էլ քարոզարշաւը «ափալ-թափալ» էր:

Յատկանշական է, որ մասնակից քաղաքական ուժերի կողմից քննադատուեց եւ անցանկալի համարուեց Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած խմբի եւ նախկին իշխանութիւնների ներկայացուցիչների միջեւ գող-ոստիկան խաղի հոգեբանութեամբ ծաւալող ներկայացումը: Կարծես թէ իշխանութիւնը փորձում էր ոստիկանի դեր ստանձնել եւ բռնել գողին, իսկ նախկին իշխանութիւնը գործում էր պաշտպանուել «բա դու էլ չես արել խոստումը» կամ ,հակասել ես ինքդ քեզէ պաշտպանական վահանով: Այդ երեւոյթը բոլորովին չէր կարող կապ ունենալ առողջ քարոզարշաւի տրամաբանութեան հետ, սակայն որպէս շոու` հետաքրքիր երանգաւորում ունեցաւ, եւ այդ բեմականացումը ծածկեց քարոզարշաւին մասնակից միւս քաղաքական ուժերի խօսքն ու պատգամը:

Միւս կարեւոր հանգամանքը քարոզարշաւի ընթացքում ղարաբաղեան թեմայի շօշափումն էր, որը շահարկուեց յատկապէս երկու ուժերի կողմից` ՀՀԿ-ի եւ «իմ քայլը»-ի: Բարեբախտաբար ղարաբաղեան շարժման մասին «Իմ քայլը»  դաշինքի անդամ Սասուն Միքայէլեանն անթոյլատրելի սխալ արտայայտութիւնից յետոյ զրկուեց հետագայ ելոյթի հնարաւորութիւնից:

Միւս կողմից` «Ղարաբաղի պաշտպան»-ի դերը ստանձնեց Դաւիթ Շահնազարեանը: Յիշեցման կարգով նշենք, որ ոչ վաղ անցեալում նա ու Նիկոլ Փաշինեանը Լեւոն Տէր Պետրոսեանի խմբից էին, որ բազմիցս յայտարարել էր, թէ «Սեգոն լաւ չի ապրի Հայաստանում, քանի դեռ Ղարաբաղի հարցը լուծուած չի», ընդ որում նա հարցի լուծումը տեսնում էր զիջումների գնալու մէջ:

12 օրուայ այս թոհուբոհը ոչ մի պղտոր ջուր էլ չպարզեց, դեռ աւելի՛ն, ջրերը շատ աւելի պղտորուեցին, եւ ցաւն այն է, որ ամենայն հաւանականութեամբ նոյն պատկերն ենք ունենալու ապագայ խորհրդարանում: Յոյս ունենք, որ հազարաւոր դիտումներ ապահովող, փողոցային, ասֆալթի մակարդակի իջած բանավէճերը չեն տեղափոխուի օրէնսդիր մարմին: Վերջապէս պէտք է գիտակցել իշխանութեան բեռի ծանրութիւնը եւ կրել պատասխանատուութիւն:

Քաղաքական դաշտը ապականուած է, գաղափարազուրկ շոուի բեմահարթակի վերածուած, սելֆիներով ու դիմատետրեան պատգամներով քաղաքական ներկայացումները չեն կարող երկար տեւել: Իսկ ժողովրդին միայն ոչնչով սնելը եւ որկրամոլութեան մղող «միայն հացիւ» խոստումները բարոյազրկում են ազգին եւ խարխլում ազգն ու հայրենիքը պահող արժէքային համակարգը:

Արցախը երբեք չի կարող ընդունել նմանատիպ բարոյալքում: Արցախում իւրաքանչիւր ոք իր հարազատի արեան ու քրտինքի գնով կառուցել է պետութիւն, նուաճել է պատմական հայրենիք եւ գիտի իր երկրի, հողի արժէքը ոչ թէ վերացական, այլ առարկայօրէն` իւրաքաչիւր օր, իւրաքանչիւր ժամ յիշելով իր բարեկամի, հարազատի կամ հարեւանի թափած արեան գինը:

Իսկ Արցախով այսօր պարծենում է իւրաքանչիւր հայ, Արցախը դարձել է հային արժեւորող եւ հայի արժէքը կրող խորհրդանիշ:

Արցախը հաւատարիմ է հողին ու հային:

 

 

Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Թատերագիր Եւ Հրապարակագիր Արա Արծունիի

$
0
0

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, մտաւորական, թատերագիր եւ հրապարակագիր Արա Արծրունիի մահուան քառասունքին առիթով յուշ երեկոյ մը տեղի ունեցաւ, կիրակի 9 դեկտեմբեր 2018-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ:

Երեկոյին ներկայ էին` Յովակիմ աբղ. Բանճարճեանը, որ կը ներկայացնէր Արամ Ա. կաթողիկոսը, Յակոբ քհն. Պզտիկեանը, որ կը ներկայացնէր Նարեկ արք. Ալեէմէզեանը, Արա Արծրունիին ընտանեկան պարագաներ, Համազգայինի Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Արա Արծրունիի բարեկամներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեանը, որ հակիրճ տողերով ներկայացուց վերջին շրջանին Արա Արծրունիի եւ թատերախումբին միջեւ ստեղծուած կապին` ամրութիւնը բազմաթիւ գործակցութիւններու շնորհիւ:

Երեկոյեան բանախօսներն էին Կարօ Յովհաննէսեանը եւ Վարուժան արք. Հերկելեանը:

Կարօ Յովհաննէսեանը դիտել տուաւ, որ 19 տարեկանէն թատրոնով հետաքրքրուած Արծրունիին թատերախաղերը իր ներքին աշխարհի տագնապներուն արտացոլացումն են, եւ մարդն է անոր գործերուն մէջ կեդրոնական տեղ գրաւողը. «Արծրունին կ՛ուզէր, որ մարդ սթափի եւ գիտակցի իր վիճակին` առանց բարոյական ճառերու», ըսաւ ան: Բանախօսը հաստատեց, որ Արծրունիին ընդհանուր վաստակին մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ թատերական մարզը, եւ ան ծանօթ է իբրեւ թատերագիր թէ՛ սփիւռքի  եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ. սակայն թատերագիր եւ արձակագիր ըլլալու կողքին, ան նաեւ թատերագէտ եւ թատերական քննադատ էր: Կ. Յովհաննէսեանը խօսեցաւ Արծրունի առարկայական քննադատ եւ վերլուծաբան ըլլալուն մասին` նշելով, որ Արծրունիի վերջին խմբագրական գործը` Ժորժ Սարգիսեանի կողմէ թարգմանուած թատրերգութիւններուն խմբագրութիւնը, կը պարունակէ հանրագիտարանէ մը աւելի յատկութիւններով նշումներ, վերլուծումներ եւ բացատրողական ու յուշագրական նոթեր: Կ. Յովհաննէսեանը նաեւ խօսեցաւ ազգին ու հայրենիքին յանձնառու մտաւորական եւ առողջ քննադատական միտքի տէր Արծրունիին մասին ու ընդգծեց, որ` «Արա Արծրունի խիզախ կեցուածք ունեցող մտաւորական է, կեցուածք ունենալու համար է, որ մտաւորական է», որուն ներկայութիւնը աւելի քան անհրաժեշտութիւն է մեր կեանքին մէջ:

Վարուժան արք. Հերկելեանը խօսեցաւ Արա Արծրունի հրապարակագիրին մասին: Ան նշեց, որ Արծրունին այն մարդն է, որ կը մնայ մարդ ամէն ժամանակի մէջ` առանց ստրկութեան բաժին հանելու, որ հաւատաց մեզի պարտադրուած սփիւռքի ուժին` կաղապարուած արդարութեան եւ ազատութեան առողջ մթնոլորտին մէջ: Սրբազանը ըսաւ, որ Արծրունի խստապահանջ իրաւ մարդն էր, հայն ու հայրենասէրը, որ ինքզինք ըլլալու համար միշտ մնաց ազատութեան դրօշակիրը: Մէջբերելով Արծրունին` ազատութեան մասին գրութենէն, Վարուժան արք. ընդգծեց, որ` «մտաւորական մարդ ու մտաւորական ղեկավար պատրաստելու մարտահրաւէր կը կարդայ Արծրունի, որովհետեւ կը տեսնէ, թէ առանց պարկեշտ եւ ազատ մտածող մտաւորականի` աւերներ կը գործուին»: Իր զայրոյթը տիրող համակարգին դէմ էր եւ ոչ` մարդոց, միութիւններու կամ կուսակցութիւններու, ըսաւ բանախօսը, ու աւելցուց, որ եթէ նոյնիսկ Արծրունի բեմ չունեցաւ խօսելու, բայց անկիւն մը ունեցաւ գրելու: Խօսքը եզրափակելով` սրբազանը ըսաւ, որ Արծրունին իր ժողովուրդին ու մշակոյթին համեստ ծառան էր, բացարձակ կարգապահը, անդուլ ու անխոնջ աշխատողը եւ երիտասարդութիւնը յարգող ու քաջալերող մշակը, որ այժմ կը ննջէ հայ ժողովուրդի եւ հայրենիքի վառ ապագայի տեսլականով պարուրուած: «Ու երբ ժամը հնչէ, պիտի բանայ աչքերը ու ապրի իր չապրած, բայց երազած կեանքը` իր սիրած ժողովուրդի կողքին, իր երազած դրախտանման հայրենիքին մէջ»:

Տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին դաշնամուրի վրայ Նարէ Աղասարգիսեանը եւ թաւ ջութակի վրայ Նայիրի Ղազարեան ներկայացուցին Մազմանեանի «Ոքալիզ» եւ Խաչատուրեանի «Անտանթինօ» եւ «Օրօր» կատարումները: Խաչիկ Հրակ Տեմիրճեանը ներկայացուց «Կոնտոլեզիա իմ սէր» թատերախաղէն «Անիպալ»-ի մենախօսութենէն հատուած մը: Արազ Գոճայեանը կարդաց Արծրունիին «Ալեկորիա» վէպէն հատուած մը:

Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ Արա Արծրունիի կեանքի վերջին օրերուն նկարահանուած կարճ տեսերիզով մը, ուր ան կը կարդայ «Ալեկորիա»-էն հետեւեալ տողերը.

– Մա՞հն ես, թէ ոչ անոր պատգամաբերը:
– Երկուքն ալ գոյութիւն չունին ինծի համար,- շշնջաց Անծանօթը,- անոնք մաս չեն կազմեր Կեանքին:


ՀՅԴ-ի Նահատակուած Եւ Մահացած Երախտաւորներուն Յիշատակի Հոգեհանգստեան Պաշտօնին Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

$
0
0

Անգամ մը եւս հաւաքուած ենք այս պանթէոնին դիմաց` յարգելու յիշատակը մեր նահատակ ու նուիրեալ դաշնակցականներուն եւ հաղորդուելու անոնց վաստակով ու կտակած գաղափարական հարուստ ժառանգութեամբ, յեղափոխական անբիծ, մարտնչող ու վճռական նկարագրով: Հաւաքուած ենք, որպէսզի Դաշնակցութեան 128-րդ տարեդարձին առիթով իրենց հետ միասին նշենք այս օրը, քիչ մը աւելի անկեղծանանք ու իրենց գծած լուսաշող ճամբան դարձնենք մեր գալիք աշխատանքներու փարոսն ու խթանը: Հաւաքուած ենք միասնաբար զրուցելու անոնց հետ, միասնաբար կատարելու մեր անցնող տարուան գործին ու խօսքին հաշուետուութիւնը եւ վերանորոգելու մեր յանձնառութիւնը:

Նահատակութիւնը, անձնուրացութիւնը եւ զոհողութիւնը դաշնակցական անհատի գերագոյն արժանիքներն են, եւ չկայ որեւէ ուժ, որ կրնայ այս արժանիքները խլել ու պոկել դաշնակցականէն, որովհետեւ անոնք իր էութեան մաս կազմող ու իրեն հետ մինչեւ մահ անքակտելիօրէն շաղակապուած արժանիքներ են: 128-ամեայ Դաշնակցութեան գործն ու հերոսապատումը կը վկայէ, որ նուիրումի ու անձնուրացութեան բարձր գիտակցութիւնը միշտ դարձած է Դաշնակցութեան ձեռք բերած նուաճումներու հիմնական մղիչ ու անտեսանելի ուժը:

Այո՛, այս գերագոյն ու միաժամանակ համամարդկային արժանիքները կարելի չէ գտնել այլ տեղ: Աւելի՛ն. այս արժանիքներու գաղափարական կշիռը ունի խոր արմատներ եւ միշտ պատրաստ եղած է տոկալու եւ դիմադրելու ամէն տեսակի սադրանքներու, դաւադրութիւններու եւ թշնամիի յարձակումներուն ու ներքին հարուածներուն: Ո՛չ մէկ ատեն դիւրին եղած է դաշնակցականին գործը: Աւելի՛ն. ո՛չ մէկ ատեն դաշնակցականօրէն գործելը, մտածելը ու ապրիլը եղած են սովորական ապրելակերպ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը ի՛նք սովորական պայմաններու մէջ չէ ծնած ու խաղաղ կացութիւններու մէջ չէ թիավարած: Մենք միշտ ալ մեր երդումին հաւատարիմ ու ներքնապէս հաշտ մնալու համոզումով գործած ենք: Հայրենիքի ու հայութեան պաշտպանութեան սուրբ գործը դաշնակցականը մղած է գիտակից անձնուրացութեան եւ զոհաբերումի:

Քրիստափորի քերթողական այս տողերուն մէջ խտացած է դաշնակցականի անանձնական, հայրենապաշտ ու նուիրեալ կեանքի ըմբռնումը:

«Կայ մի բան քաղցր ու վեհ ամէնից,
Այս փուճ կեանքի մէջ թանկ է ընկերից,
Օ՜, նա երկնատուր պարգեւ է մարդկանց,
Որ ամփոփում է վշտերը նրանց:
Աստուած ուղարկեց աշխարհը նորան`
Կորսուած դրախտի տեղը գրաւել.
Դա՛, հայրենիքն է իմ այն սրբազան,
Որին սիրում եմ մօրից առաւել»:

Հայապաշտութեան ու հայրենապաշտութեան գիտակից մղումով մեր նահատակներն ու նուիրեալները կենսաւորեցին Դաշնակցութեան գործը, ապրեցուցին անոր գաղափարական հանգանակը եւ յեղափոխիչ շունչով ու ոգիով շարժման մէջ դրին հայ կեանքը` ծառանալով ամէն տեսակի ներքին ու արտաքին անիրաւութիւններու ու սադրանքներու դիմաց:

«Նահատակներ եւ հերոսներ պատրաստող կուսակցութիւն է Դաշնակցութիւնը,- ըսած է Աղբալեան,- նա խմբում եւ օգտագործում է հանրութեան լաւագոյն ուժերը` հանրային նպատակների համար, ստեղծելով նրանց շուրջ համակրանք, փառք ու մեծութիւն եւ դարձնելով համազգային արժէքներ, բայց եւ դաժանօրէն գահավիժում է ամէն ծնունդ, որ նման չէ իր հօր կերպարանքին»:

Գիտակից զոհաբերումն ու նուիրաբերումը օրէ օր աւելիով կոփեց դաշնակցականի բարոյական նկարագիրը: Այդ բարոյականը մնաց անխախտ ու ամուր եւ դաշնակցականը դարձուց եզակի տեսակ:

Կարօ Սասունի պիտի վկայէր. «Այդ դաշնակցական բարոյականը բռնի բռունցք  չէ մեր կուսակցութեան համար, թէեւ աւելի զօրաւոր է, քան` որեւէ ֆիզիքական բռունցք: Մեր ներքին կեանքի մէջ Դաշնակցութիւնը շատ քիչ անգամ ֆիզիքական ուժին դիմած է գերագոյն արդարութիւն մը ընելու յեղափոխական բարոյականին: Ընդհանրապէս, Դաշնակցութեան յեղափոխական ոգին բաւականացած է միայն ծուռ նայուածք մը ուղղելով դէպի այն մարդկանց, որ Դաշնակցութեան բարոյական ցանկապատը կ՛անցնին: Ու այդ գնդակահարութեան չափ ծանր կշռած է: Այս աներեւոյթ աստիճանացոյց սլաքը մեր ներքին կեանքը ղեկավարած է:

Սիրելի՛ ընկերներ,

Եկէք` ընդունինք որ այս սլաքին նայելու ու այս սլաքի թելադրութեամբ առաջնորդուելու պարտաւորութեան տակ կը գտնուինք այսօ՛ր նաեւ, երբ ներկայ ժամանակներու ապակողմնորոշ ու սայթաքեցնող երեւոյթներու դիմաց կանգնած է մեր կեանքը, պայքարը եւ մանաւա՛նդ սրբազան ուխտը:

Մեր` դաշնակցականի ընկերականութիւնը սովորական ընկերականութենէն աւելի՛ն է, գերագոյն ձգտում մըն է, ուր անհատի «ես»-ը գոյութիւն չունի շատոնց, ուր ընկերականութիւնը իր կրակէ մկրտութիւնը ստացած է խրամատին մէջ` կեանքի ու մահուան նժարին մէջտեղ կանգնած ու միայն նահատակութիւնը դիմաւորելու համոզումով լիացած:

Հայ կեանքը փոթորկեցնող բազում երեւոյթներու դէմ յանդիման` այսօր այդքան ալ դիւրին չէ դաշնակցականի անշեղ ընթացքի ու պահուածքի պահպանումը: Այլ խօսքով, այդքան ալ դիւրին չէ դաշնակցականօրէն հարցերու ու կացութիւններու գնահատումը, որովհետեւ գաղափարական մօտեցումը իր տեղը զիջած է գործնապաշտութեան, ազգային շահերու պաշտպանութիւնը շատ յաճախ իր տեղը կը զիջի շուկայական սակարկութիւններու, եւ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն երաշխաւուող պայքարի ոգին շատ յաճախ կը փոխարինուի միակողմանի զիջումնային վարքագիծերով:

Այս ընդհանուր թոհուբոհին ու խառնարանին մէջ մենք ամէն օր եւ ամէն վայրկեան պարտաւոր կը զգանք մեր հայեացքները ուղղելու մեր նահատակներուն, համակուելու անոնց շունչով ու գօտեպնդուելու անոնց վճռակամութեամբ ու կենսափորձով: Այո՛, մեր նահատակներն ու նուիրեալները մեզի սորվեցուցին ու պատգամեցին, Շիրազի բառերով, դառնալու «խամ աքլոր» որ ազգը կանուխ կ՛արթնցնէ, ի՜նչ փոյթ, որ սակայն «մեծերու քունը կը խանգարէ»:

Թող ոչ ոք համարձակի դաշնակցականի յեղափոխական ոգին խնդրոյ առարկայ դարձնել:Մեր նահատակները ա՛յդ ոգին ամէն օր մեր գործին ու ընթացքին մէջ քիչ մը աւելի կ՛արմատացնեն: Մեր յեղափոխականութիւնը աղմկարարութիւն ու  ամբոխային տրամադրութիւն ստեղծող չէ, թերեւս ալ ճի՛շդ այդ պատճառով դիւրին ընկալելի չէ, մեր յեղափոխականութիւնը գաղափարական արժէք է ու այնպիսի ապրելակերպ, որուն համար մի՛շտ ալ հարկաւոր է սուղ գին վճարել: Մեր յեղափոխականութիւնը 128 տարուան կենսափորձ ունի եւ ընդելուզուած է հայու ասպետական ոգիին ու հերոսապատումին հետ: Մեր յեղափոխականները հայրենիք կերտած, մահը արհամարհած, եւ աւելի՛ն, հայոց պատմութեան նոր ուղղութիւն տուող հերոսածին անհատներ են:

Սիրելի՛ նահատակնե՛ր եւ նուիրեալներ,

Այսօր, այս պահուն, հաւատարիմ` հային ու հողին ու անոնց կանչին, հայրենքի մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը ներկայանայ իր ժողովուրդին, կը մասնակցի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն, որպէսզի շարունակէ Ազգային ժողովին մէջ լսելի դարձնել իր խօսքը եւ իր 128-ամեայ կենսափորձը ի սպաս դնէ` հայրենիքի վերելքին, քաղաքական առողջ մշակոյթի ձեւաւորման, անվտանգութեան հիմերու ամրապնդման, ընկերային արդարութեան ճշգրիտ գործադրութեան, տնտեսական կայուն հիմերու ստեղծման եւ, վերջապէս, բազում անձնուրացներու թանկ արեամբ ու կեանքով կերտուած արցախեան յաղթանակի պահպանման ու համահայկական ազգային տեսլականներու հետապնդման:

Հաւատարմութիւնը` հողին ու հային, ժառանգած ենք ձեզմէ ու այդպէս ալ կը մնանք մեր պայքարին մէջ ու հայրենիքի քաղաքական կեանքէն ներս, իբրեւ դերակատար ուժ, որքան ալ դիւրըմբռնելի չըլլայ այսօ՛ր, որովհետեւ մենք մնայուն արժէքներու համար պայքարող կուսակցութիւն ենք եւ երբե՛ք չենք առաջնորդուիր ժամանակաւոր ու խաբուսիկ երեւոյթներով:

Սիրելի՛ նուիրեալներ,

Այս տարի մենք ազգովին նշեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը: Ձեզմէ շատեր, որոնք հանգչած են այս պանթէոնին եւ Լիբանանի հողին մէջ, հիմնական դերակատարներ են այդ անկախութեան կերտումին ու հանրապետութեան կայացման գործընթացին մէջ: Այո՛, դարձաք վտարանդի, աքսորեալ, սակայն այսօր ձեր վաստակը ապրող ու շնչող ներկայութիւն է հայրենիքի մէջ, անշուշտ հայրենակերտումի ու պետականաշինութեան ձեր անփոխարինելի աշխատանքի ամբողջական վերարժեւաւորումը մայր հողին վրայ կարիք ունի յաւելեալ խորացման, եւ այս մէկը կը շարունակէ մնալ հայրենի պետութեան ճիտին պարտքը:

Բաբգէն Փափազեան պիտի վկայէր. « Հայ ժողովուրդը Դաշնակցութեան մէջ գտաւ իր ներքին եսը մարմնաւորող կազմակերպութիւնը, իր ներքին ձգտումներու իրականացման համար զոհուող կազմակերպութիւնը: Տեսաւ, որ անոր աչքերը ճշմարիտ լոյսը կը փնտռէին միայն ու լոյսի կ՛առաջնորդէին ազգը ամբողջ: Ատոր համար է, որ ինկողներուն տեղ նորերը ղրկեց Դաշնակցութեան գիրկը` տասնեակներով, հարիւրներով ու հազարով»:

Սիրելի՛ ներկաներ,

Այսօ՛ր նաեւ ժողովուրդ-կուսակցութիւն այդ անքակտելի կապը ամուր է, որքան ալ ներքին կամ արտաքին ուժեր փորձեն Դաշնակցութիւնը օտարացնել իր ժողովուրդէն, այդ փորձերը ի սկզբանէ դատապարտուած են ձախողութեան: Ձախողութեան դատապարտուած է նաեւ նոր փուլի ծաւալած հակադաշնակցական նորելուկ պայքարը, որ փաստօրէն նոր է իր ոճով, բայց հին` իր էութեամբ, ու մեր պատասխանը կը շարունակէ մնալ նոյնը` երէկ, այսօր եւ վաղը, ու այդ հակադաշնակցական կիրքը մեր ընթացքը կը ջրդեղէ, կը հզօրացնէ մեր միասնականութիւնը ու կ՛արմատացնէ դաշնակցականին մէջ իր դաշնակցական սկզբունքները եւ զայն կը պահէ զգաստ, ընդհանուր գործին ամրօրէն կառչած ու հաւատարիմ:

Այո՛, սայթաքողներ եղած են անցեալին, այսօր ալ կան ու պիտի ըլլան, որովհետեւ ինչպէս մեր նահատակները միշտ պատգամած են, դաշնակցական ըլլալն ու Դաշնակցութեան տեսլականներով ընթանալը այդքան ալ հեշտ առաքելութիւն մը չէ, տեսակ մը  բնածին յատկութիւն մըն է, որ անհատը կը կրէ իր մէջ:

Հաւաքուած ենք այսօր խոնարհելու ձեր անփոխարինելի վաստակին դիմաց, ականջալուր դառնալու ձեր պատգամներուն եւ վերանորոգելու դաշնակցականի նուիրական ուխտը` անմնացորդ ծառայելու մեր պաշտելի հայրենիքին ու աննման ժողովուրդին: Եւ այս պայքարին մէջ կը մնանք անբասիր, ոչ ոքի կ՛արտօնենք ցեխ խառնելու մեր մաքուր պայքարին եւ անկեղծ զինուորի կարգապահութեան ու յանձնառութեան ամբողջական գիտակցութեամբ կու գանք ուխտելու` շարունակել ձեր սուրբ գործը ի խնդիր մեր մեծ երազներու իրականացման: Երազներ, որոնց համար դուք չսակարկեցիք ձեր թանկագինը:

Յարգա՛նք ձեզի…

Սփիւռքի Քաղաքականութեան Ռազմավարութեան Հայեցակարգը. Նախագիծ

$
0
0

Փաստաթուղթը պատրաստել են՝ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը եւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարի խորհրդական Վահէ Սահակեանը։

Նախնական այս տարբերակի մշակումն իրականացուել է Սփիւռքի ուսումնասիրութուններով զբաղուող հետեւեալ մասնագէտների հետ խորհրդակցութեամբ՝

Խաչիկ Թէօլէօլեան (Ուեզլեյեան համալսարան, ԱՄՆ, Diaspora: A Journal of Transnational Studies գիտական ամսագրի հիմնադիր եւ խմբագիր),
Հրաչ Չիլինկիրեան (Օքսֆորդի համալսարան, Մեծ Բրիտանիա),
Արա Սանճեան (Միչիգանի համալսարան-Դիրբորն, ԱՄՆ)
Ռազմիկ Փանոսեան (Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի հայ համայնքների բաժանմունքի տնօրէն, Պորտուգալիա)

Հայեցակարգում ներառուած են նաեւ իրենց կողմից հնչեցուած առաջարկութիւնները եւ կարծիքները, սակայն հայեցակարգի բոլոր հատուածների մշակումն իրականացուել է Մխիթար Հայրապետեանի եւ Վահէ Սահակեանի կողմից:

Հայեցակարգի շրջանակներում «սփիւռք» հասկացութիւնը սահմանել ենք շատ լայն, որ ընդգրկում է բոլոր նրանց, ովքեր Հայաստանում չեն ապրում, այլ երկրների մշտական բնակիչներ կամ քաղաքացիներ են, իրենց որեւէ կերպ հայ են համարում, ունեն հայկական ծագում կամ արմատներ:

Խորհրդային Եւ Անկախ Հայաստանի Իշխանութիւնների Վարած Սփիւռքի
Քաղաքականութիւնների Անցեալն Ու Ներկան

Հայաստանի խորհրդայնացումից մինչ այսօր, եթէ (խորհրդային կամ անկախ) Հայաստանի իշխանութիւնները վարել են Սփիւռքի քաղաքականութիւն, ապա այդ քաղաքականութիւնները եղել են հայաստանակենտրոն եւ միտուած են եղել ողջ Սփիւռքի կամ դրա այս կամ այն հատուածների վրայ հայաստանեան իշխանութիւնների ու ներհայաստանեան օրակարգերի պարտադրմանը:

Սփիւռքի քաղաքականութիւնները խորհրդային եւ հետխորհրդային Հայաստանի տարիներին նպատակ են ունեցել.

ա) ծառայեցնել Սփիւռքի միջոցները (հիմնականում ֆինանսական) խորհրդային կամ անկախ Հայաստանի զարգացման ծրագրերին,

բ) Հայաստանը դարձնել բոլոր հայերի հայրենիքը (չնայած այն հանգամանքին, որ ցեղասպանութիւնից փրկուածներն ու իրենց սերունդներն այդ Հայաստանում երբեք չէին ապրել),

գ) կազմակերպել հայրենադարձութիւն, վերադարձ դէպի հայրենիք,

դ) Խորհրդային եւ յետագայում անկախ Հայաստանի քաղաքական ազդեցութիւնը եւ հայաստանեան (հիմնականում արեւելահայ) մշակոյթը տարածել սփիւռքեան գաղութների վրայ:

Այս բոլորը դրսեւորուել են թէ՛ 1920-1930ականներին Հայ օգնութեան կոմիտէի գործունէութեան եւ Հայաստանի խորհրդային իշխանութիւնների, թէ՛ 1946-48ի դրամահաւաքների ու «Մեծ հայրենադարձութեան» տարիների, թէ՝ 1960-1980ականներին Սփիւռքի հետ մշակութային կապերի կոմիտէի եւ թէ՛ անկախութեան տարիներին Համահայկական հիմնադրամի, 1998-2008 Ռ. Քոչարեանի կառավարութեան, իսկ 2008-2018 ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան վարած քաղաքականութիւններում:

Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնների գրեթէ մէկդարեայ պատմութիւնը ցոյց է տուել, որ նաեւ այսպիսի քաղաքականութիւնների արդիւնքում՝

– Սփիւռքի ողջ ֆինանսական, մարդկային ու այլ ռեսուրսները, մեծ առումով, Հայաստան չեն ուղղուել,

– ողջ Սփիւռքը չի ենթարկուել հայաստանեան այս կամ այն իշխանութիւնների պարտադրած քաղաքական, մշակութային եւ արժէքային օրակարգերին,

– արտերկրում ծնուած եւ մեծացած, իրենց երկրներում եւ իրենց ոլորտներում մեծ յաջողութիւններ արձանագրած Սփիւռքի երկրորդ, երրորդ, չորրորդ սերունդները մեծ մասամբ անհաղորդ են դարձել հայաստանեան իրադարձութիւններին եւ տարբեր պատճառներով հեռացել են նաեւ սփիւռքեան աւանդական կառոյցներից ու կազմակերպութիւններից,

– հայկական խիստ բազմազան Սփիւռքի միայն փոքր մասն է այսօր ընդգրկուած սփիւռքեան տարբեր միաւորումներում, կազմակերպութիւններում կամ նախաձեռնութիւններում եւ միայն փոքր մասն է հետեւողականօրէն հետաքրքրւում Հայաստանի Հանրապետութեան խնդիրներով,

– Սփիւռքի մի ստուար զանգուած տարերայնօրէն ակտիւանում է միայն Հայաստանում որեւէ ճգնաժամային իրավիճակ առաջանալիս, ինչպիսին էր, օրինակ, 1988ի երկրաշարժը կամ կամ Արցախեան պատերազմը:

Սփիւռքի Քաղաքականութեան Վերագնահատման
Պատմական Հնարաւորութիւնը

Թաւշեայ յեղափոխութիւնն այլ խիստ կարեւոր հարցերի շարքում նաեւ ստեղծել է պատմական ամենաբարենպաստ պահը, երբ Հայաստան պետութիւնը կարող է վերագնահատել Սփիւռքի հետ համագործակցութեան մօտեցումները եւ արմատապէս վերանայել Սփիւռքի նկատմամբ վարած իր քաղաքականութիւնը:

Հայաստանը կարեւոր դեր կարող է ունենալ Սփիւռքի բազմազան շրջանակներին հայաստանակենտրոն ու ոչ հայաստանակենտրոն տարբեր ծրագրերում ներգրաւելու եւ նրանց սոցիալական, մշակութային, տնտեսական ու քաղաքական կապիտալը Հայաստանի կամ Սփիւռքի կարեւորագոյն խնդիրների լուծման նպատակով հաւաքագրելու աշխատանքներում: Աւելին, Սփիւռքում շատերն ակնկալում են, որ Երեւանը կարող է դառնալ հէնց այն «չէզոք» վայրը, ուր սփիւռքահայ տարբեր շրջանակներ կարող են հանդիպել եւ քննարկել իրենց յուզող խնդիրները, մտածել այդ խնդիրների լուծման ուղղութիւնների շուրջ:

Պատմական փորձը ցոյց է տալիս, որ Սփիւռքի հետ մէկ օրակարգով հնարաւոր չէ արդիւնաւէտ աշխատել: Սփիւռքը բազմաշերտ է, եւ Սփիւռքի համայնքների, կազմակերպութիւնների ու անհատների հետ աշխատանքներում պէտք է ունենալ բազմակի օրակարգեր ու դինամիկ քաղաքականութիւններ: Սփիւռքի նկատմամբ նոր քաղաքականութեան նպատակը երկարաժամկէտ հեռանկարում պէտք է լինի ուժեղ Հայաստանի կայացումը եւ ուժեղ Սփիւռքի գոյութիւնը: Մեր պատկերացմամբ, ուժեղ Սփիւռք ունենալու գաղափարը չի հակասում ուժեղ Հայաստան ունենալու տեսլականին եւ ընդհակառակը՝ ուժեղ Հայաստանի կառուցումը չպէտք է ենթադրի Սփիւռքի միջոցների սպառում եւ սփիւռքեան կազմակերպութիւնների, միութիւնների, համայնքների թուլացում իրենց երկրներում: Սփիւռքի նկատմամբ սպառողական ու չհամակարգուած քաղաքականութիւնը կարող է կարճաժամկէտ հեռանկարում Հայաստանի համար շահ ապահովել, բայց հեռահար ժամկէտում՝ նուազեցնել կամ սպառել Սփիւռքի ներուժը: Սփիւռքի հետ համատեղ ծրագրերի իրականացման ու համագործակցութեան ցանկացած գործելակերպ պէտք է խարսխուած լինի հէնց հեռահար արդիւնաւէտութեան հաշուարկի վրայ:

Առանձին խնդիր է Սփիւռքի ճանաչողութեան հարցը: Եթէ հրէական, աֆրիկեան, չինական, հնդկական կամ այլ սփիւռքների մասին բազմաթիւ լուրջ գիտական ուսումնասիրութիւններ կան, տարբեր երկրներում ձեւաւորուած հայ սփիւռքեան բամազան ինքնութիւնների ու համայնքների մասին շատ քիչ ուսումնասիրութիւններ կան: Այդ պատճառով, անհրաժեշտ է նաեւ ունենալ արդի սփիւռքագիտական տեսական ու համեմատական ուսումնասիրութիւններին հաղորդակից հայ Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կենտրոններ տարբեր երկրներում, որ պարբերաբար նոր գիտելիքներ կը ստեղծեն եւ տուեալներ կը հաւաքագրեն Սփիւռքի բազմազան համայնքների, նրանց խնդիրների, հայկականութեան բազմազան դրսեւորումների, Սփիւռքի այս կամ այն համայնքներում առկայ հմտութիւնների, հնարաւորութիւնների, միջոցների եւ շատ այլ հարցերի շուրջ (Հայաստանում եւ մի քանի այլ երկրներում այդպիսի կենտրոններ կան, սակայն դրանց կարեւոր մասը գործել եւ գործում են միջազգային տեսական ու համեմատական սփիւռքագիտական փորձից անկախ, հայ Սփիւռքի մասին եղած որոշ աւանդական պատկերացումների համատեքստերում): Այսպիսի կենտրոնների կողմից իրականացուող հայ Սփիւռքի նորարարական ուսումնասիրութիւններին ու հետազօտութիւններին հաղորդակից լինելը հնարաւորութիւն կ՛ընձեռի մշակելու Սփիւռքի աւելի իրատեսական քաղաքականութիւններ:

Սփիւռքի նկատմամբ նոր քաղաքականութիւններ մշակելու եւ դրանք հետեւողականօրէն իրագործելու համար անհրաժեշտ է ունենալ որակապէս եւ գաղափարապէս նորովի աշխատող, արդիւնաւէտ լայն լիազօրութիւններով պետական մասնագիտացած գերատեսչութիւն՝ նախարարութեան կարգավիճակով:

Նորացուած Սփիւռքի Նախարարութեան Տեսլականն Ու Առաքելութիւնը

Նորացուած Սփիւռքի նախարարութիւնը պէտք է ծառայի «Ուժեղ Հայաստան-Ուժեղ Սփիւռք» տեսլականին: Այս տեսլականին ուղղուած՝ նախարարութեան հիմնական առաքելութիւնը կարող է լինել՝

– Հայաստանի պետական շահերի պաշտպանութեան եւ սոցիալ-տնտեսական զարգացման ու ռազմավարական այլ նպատակների համար Սփիւռքի ներուժի հաւաքագրումը,

– Սփիւռքի բազմազան շրջանակների հետ համագործակցութեամբ ու համատեղ Սփիւռքի ներուժի վերարտադրութեանն ու Սփիւռքի ուժեղացմանն ուղղուած ծրագրերի մշակումն ու իրագործումը:

Սփիւռքի ուսումնասիրութիւնների տեսութիւնն ու պրակտիկան ցոյց են տալիս, որ սփիւռքների սահմաններն անորոշ են եւ այդ իմաստով Սփիւռքում ներկայացուցչական մարմինների ստեղծումը գործնականում անիրագործելի է:

Սփիւռքի նախարարութիւնը, սակայն, պարբերաբար տեղեկանալով Սփիւռքի բազմազան շրջանակների, խմբաւորումների, համայնքների խնդիներին, տարբեր ու բազմազան շրջանակների հետ մշտական կապի եւ քննարկումների մէջ լինելով եւ վայելելով այդ շրջանակների վստահութիւնը՝ կարող է նրանց ներկայացնողն ու ներկայացուցիչը դառնալ Հայաստանում եւ ՀՀ կառավարութիւնում:

Ինչպէս, օրինակ, գիւղատնտեսութեան կամ կրթութեան նախարարութիւնը միաժամանակ ներկայացնում են ինչպէս պետութեան, այնպէս էլ՝ այդ ոլորտում աշխատողների եւ այդ ոլորտում գործող կառոյցների շահերը, Սփիւռքի նախարարութիւնն էլ կարող է հանդիսանալ այդ միջնորդ կառոյցը, որ Հայաստանը կը ներկայացնի Սփիւռքում, եւ Սփիւռքի բազմազան շահերի ներկայացնողը կը լինի Հայաստանում: Ուժեղ Հայաստան եւ ուժեղ Սփիւռք ունենալու տեսլականի իրագործման համար Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները պէտք է կառուցուեն փոխշահաւէտութեան սկզբունքով, որոնք Հայաստանի զարգացմանը զուգահեռ կը նպաստեն նաեւ Սփիւռքի բազմազան շրջանակների կարողութիւնների եւ ներուժի հարստացմանը:

Այս տեսլականին ու առաքելութեանը ծառայող նորացուած Սփիւռքի նախարարութիւնը կարող է լինել այն գերատեսչութիւնը՝

ա) որ կը մշակի Սփիւռքի նորարարական քաղաքականութեան ռազմավարութիւնը, նպատակները, խնդիրները; որ կը ստեղծի Սփիւռքի քաղաքականութեան արդիւնաւէտութեան գնահատման մեխանիզմներ՝ մշտական խորհրդատուական խորհրդում Սփիւռքը լաւ ճանաչող մասնագէտների ներգրաւմամբ ու նրանց աջակցութեամբ, որ նոյն խորհրդի աջակցութեամբ կը մշակի կարճաժամկէտ քաղաքականութիւններ, որոնք կը լինեն իրատեսական, փոխշահաւէտ, ուղղուած կը լինեն Հայաստանի զարգացմանը եւ միտուած կը լինեն սփիւռքեան բազմազան համայնքների կարիքներին:

բ) որ այլ երկրների կառավարութիւնների հետ համագործակցութեամբ կը մշակի եւ կ՛իրագործի Սփիւռքի տեղական ներուժն ու միջոցները ներգրաւող եւ Հայաստանի տարբեր ոլորտների զարգացմանն ուղղուած ծրագրեր:

գ) որ կը համագործակցի Սփիւռքում գործող կառոյցների, անհատների հետ՝ ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան:

դ) որ Սփիւռքի բազմազան գործարար եւ այլ շրջանակների հետ պարբերաբար հանդիպումների եւ քննարկումների արդիւնքում ՀՀ այլ գերատեսչութիւնների հետ համատեղ հանդէս կը գայ Հայաստանում սփիւռքահայերի ներգրաւման եւ ներդրումների դաշտի բարելաւմանն ուղղուած քաղաքականութեան առաջարկներով եւ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններով:

ե) որ Սփիւռքի ամերիկեան, ռուսական, եւրոպական կամ այլ երկրներում հաստատուած բազմազան գործարար, գիտական եւ մասնագիտական շրջանակների հետ պարբերաբար հանդիպումների եւ քննարկումների միջոցով կ՛օգնի ՀՀ կառավարութեանը գնահատել եւ պատկերացումներ կազմել միջազգային շուկաներում հայաստանեան արտադրութեան ապրանքների սպառման հնարաւորութիւնների մասին, որ կ՛օգնի նաեւ պատկերացումներ կազմել Հայաստանում այն ոլորտների մասին, որոնցում սփիւռքահայ ներդրողները կարող են էական գործունէութիւն ծաւալել:

զ) որի համապատասխան վարչութիւններն ու բաժինները Սփիւռքի տեղական կառոյցների կամ անհատների հետ կ՛ուսումնասիրեն այս կամ այն երկրում առկայ համատեղ գրանտային (դրամաշնորհային-Խմբ.) ծրագրերի միջոցով Հայաստանում կամ Սփիւռքի այս կամ այն համայնքում տարբեր զարգացման ծրագրեր իրականացնելու հնարաւորութիւնները, կը մշակեն հայաստանեան եւ սփիւռքեան տարբեր կազմակերպութիւնների հետ համատեղ առաջարկներ եւ ծրագրեր:

է) որ Արտագին գործոց նախարարութեան եւ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնների հետ համատեղ կ՛աշխատի սփիւռքահայ շահերի խմբերի հետ՝ իրենց իսկ երկրներում հայկական համատեղ քաղաքական օրակարգերի շուրջ, ու թերեւս, որոշ քաղաքական օրակարգերի շուրջ նաեւ ոչ հայկական այլ շահերի խմբերի հետ համագործակցութեամբ:

ը) որ կ՛աջակցի Սփիւռքի տարբեր կազմակերպութիւններին եւ նախաձեռնութիւններին՝ բազմազան ծրագրերի շուրջ ստեղծելու եռակողմ համագործակցութիւններ իրենց երկրներում գործող տեղական (հասարակական կամ այլ) կազմակերպութիւնների, իրենց կազմակերպութեան եւ Հայաստանում գործող նմանատիպ (հասարակական կամ այլ) կազմակերպութիւնների միջեւ:

թ) որ Սփիւռքի տարբեր շրջանակների հետ համատեղ կը մշակի ու կ՛իրագործի Հայաստանում զարգացման, ներդրումների եւ մասնագիտական ներգրաւման ծրագրեր, միջնորդ կը հանդիսանայ Հայաստանում առկայ կարիքների, այդ կարիքների շուրջ աշխատող հասարակական կազմակերպութիւնների ու պետական հաստատութիւնների եւ Սփիւռքի տարբեր անհատների, կազմակերպութիւնների ու հաստատութիւնների միջեւ:

ժ) որ շարունակաբար ներկայ կը լինի Սփիւռքի բոլոր համայնքներում տեղեկատուական բնոյթի գրքոյկների, պարբերաբար թարմացուող արդիական կայքէջի, սոցիալական ցանցերում ներկայացուածութեան, Սփիւռքի տարբեր կազմակերպութիւնների, հաստատութիւնների եւ անձանց հետ պարբերաբար կապի մէջ գտնուող իր վարչութիւնների ու բաժինների, ինչպէս նաեւ ՀՀ ներկայացուցչական մարմիններում Սփիւռքի գծով կցորդ (attache) պաշտօնեաների միջոցով:

ժա) որի համապատասխան վարչութիւններն ու բաժինները ամէնօրեայ ռեժիմով կը հետեւեն Սփիւռքում լոյս տեսնող ինչպէս տպագիր, այնպէս էլ ինտերնետային ու թուային հայ պարբերականների բովանդակութեանը թէ՛ հայերէնով, թէ՛ հէնց իրենց՝ Սփիւռքի բազմազան լեզուներով (ռուսերէն, անգլերէն, իսպաներէն, ֆրանսերէն, արաբերէն եւ այլն), եւ տեղեակ կը լինեն Սփիւռքի բոլոր զարգացումներին:

ժբ) որ տարբեր համայնքների մասին պարբերաբար տեղեկատուութիւն ստանալով՝ կը կարողանայ կապել Սփիւռքի մէկ վայրում կամ ոչ-սփիւռքեան տարածութիւններում առկայ միջոցները այլ սփիւռքեան վայրերում առկայ կարիքներին՝ այդպիսով համակարգելով միջոցների աւելի արդիւնաւէտ ծախսը եւ նպաստելով Սփիւռքի տարբեր կենտրոնների միջեւ անդրազգային կապերի ձեւաւորմանն ու ամրապնդմանը:

ժգ) որ հարցումների եւ հետազօտութիւնների հիման վրայ պարբերաբար կը մշակի տարբեր երկրներում, կամ մէկ երկրի տարբեր քաղաքներում ու շրջաններում բնակուող ազգութեամբ, ծագմամբ կամ որեւէ կերպ իրենց հայ համարող անձանց ու խմբաւորումներին տարբեր ծրագրերում ներգրաւելու դինամիկ քաղաքականութիւններ, այդպիսով հաւաքագրելով Սփիւռքի՝ հայկական նախաձեռնութիւններից ու Հայաստանից կտրուած մեծ թիւ կազմող այս սփիւռքահայ զանգուածներին:

ժդ) որ կը կարողանայ անուղղակիօրէն՝ խորհրդատուութեամբ կամ խնդիրների լուծմանն իր աջակցութեամբ, մասնակից դառնալ Սփիւռքի տարբեր կազմակերպութիւնների կողմից սփիւռքեան դպրոցների կամ այլ հաստատութիւնների ստեղծման, ընդլայնման, կամ փակման, սահմանափակման եւ օտարման որոշումներին;

ժե) որ պատրաստ կը լինի նախարարի, փոխնախարարների, համապատասխան վարչութիւնների ու բաժինների մակարդակով արձագանգել Սփիւռքի տարբեր կառոյցների (կուսակցութիւնների, եկեղեցիների, բարեգործական, երիտասարդական, մշակութային կամ այլ կազմակերպութիւնների) կողմից ստացուած դիմումներին, եւ համապատասխան խնդրանքի դէպքում նաեւ մասնակցել ու միջնորդել Սփիւռքի տարբեր համայնքներում առկայ խնդիրների լուծմանը (հարկ եղած դէպքում նաեւ՝ պետական-դիւանագիտական միջնորդութեամբ):

ժզ) որ համապատասխան վարչութիւնների ու բաժինների պատասխանատուների միջոցով սփիւռքեան տարբեր կառոյցների հետ համատեղ կը մշակի եւ կ՛իրականացնի տեղական կոնտեքստներին (միջավայրերուն-Խմբ.)  համապատասխան արեւմտահայ կամ արեւելահայ լեզուների ուսուցման, տեղական հայկական կրթութեան ու մշակոյթի զարգացմանը միտուած ծրագրեր:

ժէ) ուր ցանկացած սփիւռքահայ Հայաստան գալուն պէս կը ստանայ տեղեկատուութիւն իր մասնագիտական կամ այլ մասնակցութեան ու ներդրումների, Հայաստանում հաստատուելու, ուսանելու, զինուորական ծառայութիւն անցնելու եւ մի շարք այլ հարցերի շուրջ:

ժը) որ կ՛օգնի սփիւռքահայ հայրենադարձներին հաստատուել Հայաստանում եւ կը նպաստի հայրենադարձների՝ սփիւռքահայից-հայաստանցի անցմանը՝ խորհրդատուութեան եւ այլ ծրագրերի միջոցով, ինչպէս նաեւ Հայաստանում հաստատուած սփիւռքահայերի հետ ժամանակ առ ժամանակ հարցումների եւ հարցազրոյցների միջոցով ստացուած խնդիրներին արձագանգելով եւ այդ խնդիրները լուծելով:

Ի հարկէ, այսքանով չեն սահմանափակւում մեր պատկերացրած վերափոխուած Սփիւռքի նախարարութեան անելիքները: Ռազմավարական ուղղութիւնների այս շարքը կարելի է ընդլայնել փորձագէտների եւ շահագրգիռ աւելի լայն շրջանակների հետ քննարկումների արդիւնքում: Սփիւռքի հետ նման բազմամակարդակ յարաբերութիւններ ձեւաւորելու համար անհրաժեշտ է ունենալ առանձին գերատեսչութիւն, որ ներկայացուած կը լինի կառավարութիւնում, հաշուետու կը լինի կառավարութեանը, որ այլ գերատեսչութիւնների հետ համագործակցութեամբ՝ կը մշակի ու կ՛իրագործի Սփիւռքի կրթական, մշակութային, քաղաքական, արտաքին քաղաքական ներուժի հարստացմանը նպաստող եւ այդ ներուժը արդիւնաւէտօրէն հաւաքագրող բազմազան ծրագրեր:

Սփիւռքի Քաղաքականութեան Միջազգային Փորձը

Սփիւռքի նորարարական քաղաքականութիւնների միջազգային փորձ կայ: 2015թ.ին Իռլանդիայի կառավարութեան մշակած Սփիւռքի քաղաքականութիւնը, օրինակ, ունի հետեւեալ նպատակները.

ա) աջակցել իռլանդացի արտագաղթողներին, որպէսզի լաւագոյն հնարաւոր կենսապայմաններ ստեղծեն իրենց բնակութեան երկրներում:

բ) օգնել արտագաղթածներին եւ նրանց սերունդներին զարգացնել եւ պահպանել իրենց իռլանդական ինքնութիւնը եւ կապը Իռլանդիայի հետ:

գ) Սփիւռքի անդամների հետ համատեղ աշխատել ի նպաստ Իռլանդիա կղզում շարունակական խաղաղութեան ու բարեկեցութեան:

«Գլոբալ իռլանդացի» խորագրով Սփիւռքի քաղաքականութեան այս նպատակները հիմնուած են իռլանդական սփիւռքի իրատեսական ըմբռնման վրայ, որն ընդգրկում է թէ՛ Իռլանդիայից վերջին տարիներին արտագաղթածներին, եւ թէ՛ իռլանդական ծագումով անձանց, որոնք ապրում են Իռլանդիայից դուրս, բայց այս կամ այն կերպ կապուած են իռլանդական մշակոյթին ու ժառանգութեանը: Կարելի է, իհարկէ, ուսումնասիրել, թէ ինչպէս է իռլանդական կառավարութիւնն իրագործում այս նպատակները, սակայն կարեւոր էլ չէ, որ Հայաստանի քաղաքականութիւնը ընդօրինակի իռլանդական, հրէական, հնդկական, լիբանանեան կամ այլ սփիւռքների քաղաքականութիւնները:

Ամփոփում

Սփիւռքի համեմատական ուսումնասիրութիւնները հայ Սփիւռքի էմպիրիկ հետազօտութիւններին զուգահեռ՝ հիմքեր կ՛ապահովեն աւելի արդիւնաւէտ եւ ճկուն Սփիւռքի քաղաքականութիւններ մշակելու համար: Աւելին, Սփիւռքի նորացուած նախարարութեամբ եւ քաղաքականութեամբ յետյեղափոխական Հայաստանը կարող է նաեւ հանդիսանալ պետութիւն-Սփիւռք(ներ) յարաբերութիւնների ու նորարարական քաղաքականութիւնների արտահանողն ու մոդելը: Վերը շարադրուած հեռանկարներն ունենալու տեսանկիւնից Սփիւռքի հետ նորարարական քաղաքականութիւնների մշակման այս պատմական հնարաւորութիւնների փուլում Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնների անկախ գերատեսչութիւն ունենալն առաւել քան կարեւոր է: Սակայն Սփիւռքի նախարարութեան ռազմավարութեան, ծրագրային ու կադրային վերանայումն ու օպտիմալացումն անհրաժեշտութիւններ են:

Մեր համոզմամբ, Սփիւռքը աշխարհաքաղաքական առումով Հայաստանի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունի եւ կարող է ունենալ, ինչպէս այլ երկրների համար իրենց բնական պաշարները: Եթէ ռազմավարական առումով, երկարաժամկէտ հեռանկարում, Սփիւռքի ներուժի հզօրացումն ու հաւաքագրումը Հայաստանի համար նոյնքան կարեւոր է, որքան գիտութեան, բժշկութեան, տնտեսութեան զարգացումը, ապա Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները նոյնպէս պէտք է ընդգրկուած լինեն Հայաստանի ներքին քաղաքական կարեւորագոյն ոլորտների շարքում: Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը ժամանակի ընթացքում գերարդիւնաւէտ դարձնելով՝ հնարաւոր կը լինի Սփիւռքի բազմազան համայնքների, կազմակերպութիւնների եւ Սփիւռքի ամենահեռացած եւ օտարուած շրջանակների հետ ուղղակի կապեր ստեղծել, եւ ժամանակի ընթացքում նպաստել Սփիւռքի հզօրացմանն ու Հայաստանի ռազմավարական խնդիրների լուծման նպատակով Սփիւռքի ներուժի հաւաքագրմանը:

 

 

 

Ընդդիմութեան Դաշտին Կազմաւորումը, Կամ՝ Ձախակողմեան Այլընտրանքը Ազգային Ժողովէն Դուրս

$
0
0

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Հ. Յ. Դաշնակցութեան ցանկին վրայ Ազգային Ժողովի պատգամաւորի թեկնածու Արթուր Խաչատրեան ընտրարշաւի ժամանակ առիթով մը հարցազրոյցի մը մէջ ըսած է թէ շատ դժուար էր Աջ կառավարութեան մը մէջ Ձախ ըլլալ: Խաչատուրեան այն քիչերէն է հայկական իրականութեան մէջ Ընկերվար Միջազգայնականի միակ անդամ կուսակցութեան հանրածանօթ դէմքերէն, որոնք Դաշնակցութեան գաղափարախօսական  ինքնութիւնը պարզ ու մէկին բանաձևած է որպէս «Ձախ»:

Ծանօթ է որ Նիկոլ Փաշինեանին վարչապետական աթոռին վրայ պահելու և Ազգային Ժողովին մէջ Իմ Քայլը ընտրական դաշինքին բացարձակ մեծամասնութիւն տալու նպատակով հապճեպօրէն կազմակերպուած ընտրութիւններուն մասնակցելու համար Հ. Յ. Դաշնակցութեան հայաստանեան ղեկավարութիւնը շեշտը դրաւ մասնաւորաբար Արցախի և ազգային անվտանգութեան հիմնախնդիրներուն վրայ և սոցիալական արդարութեան կապուած հարցերը նշուեցան մէջընդմէջ և ընդհանրապէս առընչակից այս երկուքին: Որքան ալ որ «Թաւշեայ Յեղափոխութեամբ» խանդավառ հայրենի ընտրազանգուածը, ի մասնաւորի՝ ընտրութիւններու արդիւնքին վրայ որոշիչ անդրադարձ ունեցող Երևանի բնակչութիւնը, շատ աւելի ականջալուր ըլլար իր կենսամակարդակի բարելաւման խոստումներուն, հասկնալիօրէն տրամադրուած ըլլար նախկին իշխանութիւններուն փտտածութեան պարագաներու դատապարտման յանձնառութեան պատգամներ լսելու և թեկնածուներուն մէջ փնտռէր նոր դէմքեր որոնք պիտի փոխարինեն ժողովուրդի զօրաշարժի կարողութիւնը ընդհանրապէս արհամարհած և օլիկարգներու առանձնաշնորհումներուն հետ ճիշդ թէ երևակայական կամ կամայականօրէն առընչուած քաղաքական ղեկավարներուն, Հ. Յ. Դաշնակցութեան ընտրարշաւի ընդհանուր ուղղուածութեան թեմաթիկ առաջնահերթութիւնը այսօր հարցականի տակ դնելը անիմաստ է: Ընդհակառակը, երանի Արցախի հարցով Հ. Յ. Դաշնակցութեան հնչեցուցած զգուշացումները, որոնք անիրաւօրէն սոցիալական ցանցերուն մէջ երբեմն որակուեցան որպէս «չարաշահութիւն», արձանագրուին երկրին ղեկը ստանձնելու պատրաստուող իշխանութեան գիտակցութեան մէջ որպէսզի ոչ միայն բացառուին պարտուողական վտանգաւոր միտումները, որոնք միշտ կը սկսին հայկական կողմէն ազատագրուած տարածքներու զիջումի տրամադրուածութեամբ առանց երբեք անոր փոխադարձումը յստակօրէն իմանալու, այլև սրբագրուին անցնող քսան տարիներու սխալներն ու դիւանագիտական ետքայլերը, ի մասնաւորի՝ բանակցութեան սեղան վերադարձնելով Արցախի ներկայացուցիչներուն և չէզոքացնելու Մատրիտեան սկզբունքներու և անոնց ամէն չափի ու որակի հետևումով գոյացած փաստաթուղթերու ներհակ սպառնալիքին չէզոքացումը:

Բայց ընտրութիւնները պատմական անկիւնադարձ մը արձանագրած են արդէն, «Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը» հասաւ իր լրումին և բառին ամբողջական իմաստով նոր ժամանակաշրջան մը կը սկսի Հանրապետութեան համար: Առնուազն նոր են Ազգային Ժողովի պատգամաւորներուն մեծամասնութեան դէմքերը և այդ քիչ բան չէ ընտրութիւնները նկատելու որպէս ժամանակահատուածի աւարտը և ուրիշի մը սկիզբը: Դժուար է նաև ընտրարշաւի առարկայական գնահատական մը տալ: Թէ բացառուեցան անցեալի փտտածութեան մեխանիզները և ընտրութիւններու կաշառքի բաժանումը քուէի փոխարէն՝ անկասկած, և այդ ալ նոր և Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան որակի համար նոր սկիզբ մը կը նշանակէ: Բայց իր հապճեպութեան պատճառով այս ընտրարշաւը տրամաբանականօրէն կեդրոնացաւ ոչ թէ վերջին, այսինքն՝ «Թաւշեայ Յեղափոխութեան» յաջորդած իշխանութեան գործունէութեան գնահատման այլ՝ համաժողովրդային շարժումի ճնշումով իշխանութենէ հեռացած քաղաքական ուժերուն քաղաքական ասպարէզ վերադարձը բացառելու նպատակին վրայ: Շատ պարզացնելով կարելի է ըսել մէկ կողմէն փտտածութեան վերացման յանձնառութեան դրօշակիրներն էին, միւս կողմէ ազգային արժեհամակարգին և անվտանգութեան սպառնացող վտանգներէն զգուշացնողները: Հ. Յ. Դաշնակցութեան կարգ մը թեկնածուներու կողքին Քաղաքացիական Որոշումն էր այն նորայայտ ուժը որ բացայայտօրէն և բառացիօրէն խօսեցաւ որպէս սոցիալ-դեմոկրատական այլընտրանք և փորձեց հարստութեան վերաբաշխումի և տնտեսական որոշումներու կայացման կարգի ժողովրդավարացումը օրակարգի վրայ դնել:

Ընտրարշաւի ելած քաղաքական ուժերու գաղափարախօսական ջրբաժանման փորձի այս նախաձեռնութենէն անկախ, երկրի ու հասարակարգի աշխարհահայեացքներու ողջունելի բախում տեղի չունեցաւ: Կարելի է մինչև իսկ ըսել որ ընտրարշաւը հիմնականօրէն զարգացաւ թեկնածուներու անձնական ժողովրդականութեան ազդակի հիման վրայ, ուր բնականաբար Նիկոլ Փաշինեան ունէր մրցակցային բացարձակ առաւելութիւն միւս բոլոր թեկնածուներուն բաղդատած: Իմ Քայլը, հետևաբար, այսօր Նիկոլ Փաշինեանն է ու վերջ, այդ ցանկին մաս կազմող թեկնածուները իրենց յաջողութիւնը աւելի շատ կը պարտին Վարչապետի «Աուրա»յին քան իրենց քաղաքական գործիչի փորձառութեան կամ կարողութեան: Երևոյթը իւրայատուկ չէ Հայաստանի, ուր քաղաքական կուսակցութիւնները կայացած չեն. համաշխարհային մասշտապով ընդհանրապէս ժողովրդավարութեան ընդհանուր «յոգնածութիւն» մը նկատելի է որ ամենէն աւելի կ’արտայայտուի քաղաքական կուսակցութիւններու ժողովրդականութեան տագնապով: Ընդ որում հրապարակ կու գան նոր դէմքեր որոնց շուրջ կը կազմուին քաղաքական խմբաւորումներ առանց երբեք քաղաքական կայուն կուսակցութիւն մը ըլլալու նպատակն իսկ ունենալու և իրենց նեցուկը փնտռելով հասարակական կազմակերպութիւններու և աւելի յաճախ՝ կրօնական հաստատութիւններու զօրաշարժին մօտ:  Քաղաքագէտներ մինչև իսկ այս երևոյթը տեսականօրէն բանաձևած են որպէս «յետ-քաղաքականութիւն»:

Դեկտեմբեր 9, 2018ի ընտրութիւնները նաև միջազգային մամուլին կողմէ ողջունուեցան որպէս ժողովրդավարութեան յաղթանակ, այնպէս ինչպէս «Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը» ամբողջատիրական ձգտումներու գտած ժողովրդականութեան համաշխարհային երևոյթին մէջ նկատուեցաւ ժողովրդավարութեան, օրէնքի իշխանութեան և մարդկային իրաւանց յարգանքի յանձնառութեան յուսադրիչ իրադարձութիւն: Բայց Ազգային Ժողովի գումարման սկիզբի առաջին օրէն իսկ ժողովրդավարութեան որակի այս ոստումին դիմաց պիտի ցցուի անցեալի հիմնական մարտահրաւէրը. Իմ Քայլին ձեռք բերած բացարձակ մեծամասնութիւնը որով և կառավարութեան որոշումները առանց շատ քննադատութեան, թերևս մինչև իսկ՝ վերահսկողութեան, պիտի վաւերացուին, օրինականացուին  և ներկայացուին որպէս ժողովրդային կամքի արտայայտութիւն: Լաւագոյն պարագային կը յուսացուի ատենին Նիկոլ Փաշինեանի մը կամ իրմէ առաջ՝ Վահան Յովհաննէսեանի մը համարձակութեամբ ձայն մը լսել, որ, ամէն պարագայի, պիտի չէզոքանայ մեծամասնութեան քուէներով: Նախքան այս երևոյթին իշխանութեան կեդրոնացում կարողականօրէն ռէալ որակաւորումը տալը արդար կ’ըլլայ նաև նկատել որ անոր առաջքն առնելու կարելիութիւնը կայ և մեծ մասամբ, չըսելու համար բացառաբար կախում պիտի ունենայ նոյնինքն Վարչապետին՝ բացարձակ իշխանութեան հմայնքին դիմադրելու կամեցողութենէն կամ վճռակամութենէն: Կանուխ է նաև կանխագուշակումներ ընել որ Իմ Քայլը կերպարանափոխուած ՀՀԿ և եղածը «շէֆ»ի մը փոփոխութիւնն է: Բայց տեսականօրէն ամէն անվերահսկելի մեծամասնութիւն, այս պարագային՝ ռէալ ընդդիմութեան բացակայութիւն, կարողականօրէն իշխանութեան կեդրոնացման կ’առաջնորդէ: Մեծամասնութեան պատգամաւորներուն քաղաքական «անփորձութինը» չէ հարցը, բայց յստակ է որ մինչև որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ինքզինք հաստատագրէ բոլորն ալ իրենց ընտրութեան համար «պարտաւոր» են Նիկոլ Փաշինեանին, որուն որպէս Վարչապետի, այսինքն՝ Գործադիր Մարմնի ղեկավարի, առած որոշումներուն ընդդիմանալու բարոյական լուրջ սահմանափակումներ պիտի ունենան սկիզբը: Յետոյ ամէն ինչ կախեալ է Իմ Քայլի զարգացումէն. պիտի մնա՞յ ընտրական դաշինք, թէ՞ ծնունդ պիտի տայ քաղաքական տարբեր կուսակցութիւններու, կամ մի գուցէ նոյնանայ Փաշինեանի Քաղաքացիական Պայմանագիրին հետ:

Ինչ որ, սակայն, ամենէն աւելի մտահոգիչն է Ազգային Ժողովէն ներս քաղաքական ուժերու գաղափարական տարբերութեան բացակայութիւնն է: Խօսքը կը վերաբերի տնտեսական և սոցիալական քաղաքականութեան տարբեր աշխարհահայեացքներու, որոնք «Աջ»ի և «Ձախ»ի հիմնական տարբերութիւնը կ’իմաստաւորեն հարստութեան վերաբաշխումի և սոցիալական ապահովութեան կռուան-հաստատութիւններու ստեղծման մէջ պետութեան դերակատարութեան, սկսելով հարկային դրութենէն: Նախքան այս երևոյթին վերլուծումը, յստականցնենք երկու կէտ:

Առաջին, անցնող քսան տարիներուն Ազգային Ժողովին մէջ Հ. Յ. Դաշնակցութեան ներկայութիւնը որպէս ընկերվարական կուսակցութիւն անպայմանօրէն չէ նշանակած որ Ձախի այլընտրանքը տիրական ներկայութիւն ըլլայ: «Կոալիցիոն» կառավարութեան թէ Հանրապետականի հետ միջ-կուսակցական համաձայնագրի «պարտադիր կոնսենսուս»ները թոյլ չտուին որ Դաշնակցութեան ընկերվարական պահանջները հնչեն այնքան զօրաւոր որ յստակօրէն տարբերուին իշխանութեան նէօլիպերալ աշխարհահայեացքէն և ընտրող քաղաքացիներուն գիտակցութեան մէջ տեղադրուին որպէս այլընտրանք: Այս չի նշանակեր որ իր ընտրական պլատֆորմերով թէ Ազգային Ժողովի իր պատգամաւորներու ելոյթներու և ներկայացուցած ծրագիրներուն ընդմէջէն Դաշնակցութեան սոցիալական արդարութեան յանձնառութիւնը բացայայտ չէ դարձած: Բայց քանի որ իշխող քաղաքական ուժը օլիկարգային մենաշնորհներու պահպանման երաշխաւորի դերը ստանձնած էր ամէն պարագայի այդ առաջարկները քուէարկութեան ժամանակ կը ձախողէին… Լաւագոյն փաստը նախքան իշխանափոխութիւն Դաշնակցական պատգամաւորներու փորձն էր ընտրական օրէնքէն վատառողջ «ռէյտինգային»ի վերացումը, ինչ որ կտրուկօրէն մերժուեցաւ Հանրապետականին կողմէ պարզապէս որովհետև «ռէյտինգային»ը թոյլ կու տար մենաշնորհներու կապիտալի ներկայացուցիչներու մուծելու այն գումարը որ անհրաժեշտ է պատգամաւորի առաւելութիւններն ու «սթաթուս»ը ունենալու համար, առանց, բնականաբար իրենց «բիզնէս»էն թէ հաճոյքէն հրաժարելու՝ մասնակից ըլլալու համար Ազգային Ժողովի նիստերուն: Ի վերջոյ այդ մարդիկը աւելի պարտական էին համակարգին քան իրենց ընտրող ժողովուրդին… Իրողութիւն է նաև որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը առաջնահերթութիւն տուաւ ազգային հարցերուն և այդ մէկը լիովին արդարացուեցաւ ի դէմս կոալիցիոնի աւագ գործընկերներու ղեկավարի «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» արկածախնդրութեան:

Երկրորդ կէտը «Ձախ»ի հասկացողութիւնն է որ իր պատմական զարգացման հոլովոյթով 20րդ դարու վերջին քառորդէն սկսեալ դադրեցաւ հիմնականօրէն հարստութեան արդար վերաբաշխումի նպատակը հետապնդել իր օրակարգին մէջ ընդգրկելով մարդկային իրաւունքներ, բնապահպանում և փոքրամասնութիւններու իրաւունք: Այս իմաստով Ազգային Ժողովի ներկայ մեծամասնութիւնը կրնայ նախաձեռնողը ըլլալ այս բոլոր հարցերը օրակարգի բերելու և ի տարբերութիւն նախորդ իշխանութիւններու, որոնք եթէ նոյնիսկ անդրադարձած էին այս հարցերուն յաւուր պատշաճի ձևականութեամբ միջազգային համաձայնութիւններու պարտաւորումները յարգելու համար, անոնց տալ բովանդակային լիցք: Նման զարգացումներու նախանշանները երևան ելան «Թաւշեայ Յեղափոխութենէն» յետոյ և ընտրապայքարի ժամանակ: Սկզբունքով այս բոլոր հարցերը մաս կը կազմեն շատ աւելի «սոցիալական լիպերալիզմ»ի օրակարգին և «Աջ»ի թէ «Ձախ»ի գաղափարախօսական և աշխարհահայեացքային բաժանման գիծ մը չեն նշանակեր: Ձախը սկզբունքով այս հարցերու քննարկման և իրաւունքներու ընդլայնման իմաստով խնդիր պէտք չէ ունենայ: Ի մասնաւորի Ձախի սոցիալ-դեմոկրատական ուղղուածութիւնն ու վերջին երկու տասնամեակին անկէ ծնունդ առած աւելի արմատական ժողովրդային զօրաշարժերը: Իրաւունքներու ընդլայնումն ու ամրագրումը լիպերալիզմի ամենասկզբնական և ամենասկզբունքային մեկնակէտն է ընդդէմ աւատապետական և կրօնական խաւարամտութեան, այն ինչ թերևս աւելի ճիշդ կ’ըլլայ թարգմանել որպէս «ազատամտութիւն» և «ազատականութիւն» որպէս հասարակական և քաղաքական ծրագիր: Ի վերջոյ Ձախի նախաձեռնութիւնը այլ բան չէր քան քաղաքական ազատականութեան էթիկան ընդլայնել ընդգրկելու համար աշխատաւորական իրաւունքներն ալ, ինչ որ արդէն դրամատիրութեան վտանգ նշանակեց և, հետևաբար, տնտեսական լիպերալիզմէն տարբերեցաւ: Այս հարցերը եթէ ներազգային քաղաքական օրակագին գան անոնց բաժանման գիծը պահպանողականութիւնն ու յառաջդիմականութիւնը պիտի ըլլայ, «ազգային» և «համամարդկային» արժէքներու բախումը կամ, եթէ քաղաքական հասունութիւնը գերակշռէ, անոնց համադրման ճիգը ի խնդիր համաձայնական/համերաշխական լուծումներու: 1980ականներու աւարտէն ի վեր սոցիալ-դեմոկրատական Ձախին գլխաւոր… ձախաւերութիւնը եղաւ զիջիլ հարստութեան վերաբաշխումի իր սկզբունքէն և տեղի տալ նէօլիպերալիզմի յառաջընթացին առջև, որով և «Ձախակողմեան» ըլլալը հաւասարեցաւ Թոնի Պլէյրեան «սոցիալ լիպերալիզմ»ին հետ: Արդիւնքով՝ դրամագլուխի խիստ կուտակման հետևանքով աղքատացած և իրենց կենսամակարդակի բարելաւման ամէն յոյս կորսնցուցած աշխատաւորական միջին դասակարգի խաւերը սկսան զօրակցիլ ծայրայեղ աջին և ֆաշիզմին: Այսինքն՝ չժխտելով հանդերձ որ աշխարհական (լայիք) հասարակարգի յառաջդիմութեան սատարող բոլոր այս խնդիրները նաև Ձախի օրակարգին պէտք է ըլլան, կարելի չէ անոնց տալ առաջնահերթութիւն մը, որ գրեթէ մոռացութեան ենթարկէ Ձախի հիմնական պայքարը՝ սոցիալական արդարութիւն հիմնուած հարստութեան վերաբաշխումի և սոցիալական պաշտպանուածութեան հաստատութիւններու ստեղծման վրայ: Հայկական իրականութեան մէջ գործող Ձախակողմեան ուժերուն համար ի մասնաւորի ազգային անվտանգութեան, ազգային հիմնախնդիրներու և, ընդհանրապէս, ազգային արժէքներու համադրումը սոցիալական արդարութեան մարքսեան հասկացողութեամբ հիմնակառոյցին վրայ ամենամեծ մարտահրաւէրն է, որովհետև առանց անոր ազգային միասնականութիւնը, հայրենադարձութիւնը և նոյնիսկ զարգացումը պարապ լոզունգ է: Առանց սոցիալական արդարութեան արտագաղթը անխուսափելի է, իսկ արտագաղթը ազգային անվտանգութեան ամենամեծ սպառնալիքն է, ազգային գոյութիւնն իսկ խոցելի կը դարձնէ:

Հետևաբար, Ազգային Ժողովի մէջ ընդդիմութեան բացակայութեան ամենատեսանելի և վտանգաւոր երևոյթը՝ հարստութեան վերաբաշխումի դրօշակիր Ձախ այլընտրանքի մը չգոյութիւնն է: Ի դէմս Բարգավաճի նախկին օլիկարգիան իր շարունակականութեան փաստը տուաւ: «Թաւշեայ Յեղափոխութեան» համար ժողովուրդի թշնամին իրաւմամբ օլիկարգային մենաշնորհներն էին: Յղացքը շատ հաւանաբար շարունակուի գործածուիլ նոր մեծամասնութեան իշխանութեան արգելք հանդիսացող մեծ կապիտալի ամէն ներկայացուցիչի վրայ մինչև որ անոնք վերածուին «սեփականատէր»ի և ստանան համակարգի նոր ղեկավարութեան «օրհնութիւնը»… Այլապէս, ե՛ւ Իմ Քայլը, ե՛ւ Լուսաւոր Հայաստանը տնտեսական լիպերալիզմի հաւատացողներն ու ջատագովներն են որոնք հարկային քաղաքականութեան բարեփոխման թէ սոցիալական ապահովութեան հաստատութիւններու ամրագրման ու ընդլայնման քիչ և ոչինչ տրամադիր են:

Ահա թէ ինչո՛ւ ընդդիմադիր Ձախը եթէ այլընտրանք պիտի դառնայ «Թաւշեայ Յեղափոխութենէն» յետոյ համակարգային փոփոխութիւն առաջացնելու համար, կամ՝ յեղափոխութեան տալու համար ե՛ւ շարունակականութիւն, ե՛ւ նոր ուղղուածութիւն, նախ և առաջ պէտք է աշխատի ժողովրդային-հասարակական մակարդակով և հոն ստեղծէ անհրաժեշտ զօրակցութիւն և ընտրախաւ: Արթուր Խաչատրեանի նկատողութիւնը՝ դժուար է Ձախ ըլլալ Աջ կառավարութեան մը մէջ, հարկ է ընդլայնել և վերասահմանել հետևեալ բանաձևումով. դժուար է Ձախ ըլլալ յետ-խորհրդային հասարակութեան մը մէջ, դժուար է յառաջդիմական ըլլալ պահպանողական հասարակութեան մը մէջ: Այս հսկայ մարտահրաւէրին դէմ յանդիման Ձախի այլընտրանքի կազմաւորման արտախորհրդարանային քաղաքական գործը առաջ պէտք է տարուի պայքարի հետևեալ ոլորտներուն մէջ:

Առաջին՝ շատ աւելի հնչեղօրէն բանաձևել Ձախ-յառաջդիմական այլընտրանքի առաջնահերթութիւնները, հրապարակային բանավէճերու թէ հանրային ելոյթներուն մէջ գաղափարախօսական ինքնութեան յղացքները գործածել բառացիօրէն առանց պատկերացումներու դիմելու:

Երկրորդ՝ հարստութեան վերաբաշխումի ու սոցիալական պաշտպանուածութեան աշխարհահայեացքը հաստատագրել քաղաքական լեզուամտածողութեան մէջ: Բաւարար չէ տնտեսական աճին վրայ կեդրոնանալ, անհրաժեշտ է ուշադրութեան կեդրոնի բերել աղքատութիւնն ու հարստութեան բաժանման անհաւասարութիւնը:

Երրորդ՝ կազմաւորել աշխատաւորական շահերու և իրաւունքներու գիտակցութիւն ժողովրդային զանգուածներուն մօտ: Ազգը նախ և առաջ աշխատող քաղաքացին է, ոչ թէ շահագործող դրամատէրը: Առանց դասակարգային տարբերութեան նուազումի ճիգին «ազգային համերաշխութիւնը» հարստութեան անհաւասար բաժանումէն առաջացած մենաշնորհներու շարունակումը երաշխաւորող թմրադեղ է աշխատաւոր զանգուածին համար:

Չորրորդ՝ հասարակութեան մէջ առաջացնել սոցիալական պաշտպանուածութեան ցանցեր որպէս նէօլիպերալիզմի սպասելի նորագոյն գրոհներու դիմադրութեան դիրք և, միաժամանակ, մենաշնորհներու «ապամոնտաժացումը» թիրախաւորող շարժուն պայքարի միաւոր, այնպէս ինչպէս Կրամշեան սահմանումով բանաձևուած են այս երկու յղացքները:

Հինգերրորդ՝ իրարմէ անջատ, իրարու մրցակից արդէն սակաւաթիւ Ձախ քաղաքական ուժերու, հասարակական շարժումներու թէ օրակարգային թեմաներ հետապնդող Ոչ Կառավարական կազմակերպութիւններու միջև երկխօսութեան միջոց ստեղծել ի խնդիր ընտրական լայն դաշինքի մը ձևաւորման: Կարմիր գիծերը պէտք է բացառեն հակաժողովրդավար, բռնարարքները չբացառող, ամբողջատիրական թէ ապազգային/կոզմոպոլիստ նպատակներ հետապնդող ամէն կազմակերպութիւն որոնք անյարիր են այլև վտանգաւոր՝ անկախ ազգային պետականութեան, ազգային զարգացման և ազգային հիմնախնդիրներուն լուծում բերելու Ձախ այլընտրանքի յանձնառութեան:

«Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը» իր լրումին հասաւ: Ժամանակն է սոցիալիզմին ճամբայ բանալու դէպի Ազգային Ժողով և համակարգային արմատական փոփոխութիւն:

Արժանթին

«Հայրենիքը Ձեզ Չի Մոռանայ»

$
0
0

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Հետեւելով Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքին` մտաբերեցի մեր հանգուցեալ ընկերոջ` Վահան Յովհաննիսեանին խօսքերը: Ամէն անգամ, երբ իրականացնէինք աշխատանք մը, որ կը սատարէր Արցախի, Հայաստանի կամ սփիւռքի տնտեսական վերելքին, պաշտպանական հզօրացման, քաղաքական-դիւանագիտական նուաճումին, Վահանը քնքուշ ժպիտով մը կ՛ըսէր` «Տղե՛րք, հայրենիքը ձեզ չի մոռանայ»:

Հիմա, Հայաստանի քաղաքացին քուէարկեց: Քաղաքացիական իր պարտաւորութիւնը կատարեց: Պէտք է շնորհաւորել մեր բոլոր հայրենակիցները:

Հայրենի ժողովուրդի այս ընտրութենէն պիտի ըլլան յաղթողներ, նաեւ` պարտուողներ: Պէտք է շնորհաւորել թէ՛ յաղթողները, թէ՛ պարտուողները, որովհետեւ վերջաւորութեան յաղթանակը կը պատկանի հայրենիքին եւ հայրենի ժողովուրդին:

Այս յաղթանակը պէտք է պատկանէր նաեւ Արցախին, սփիւռքին եւ Հայ դատին: Դո՛ւք պէտք էր ընէինք:

Սակայն այդպէս չեղաւ: Չըրիք, ցաւ ի սիրտ: Քուէատուփին առջեւ մոռցաք, որ կը քուէարկէք համայն հայութեան համար` արցախահայուն համար, սփիւռքահայուն համար, Հայ դատին համար:

Ինչո՞ւ մոռցաք:

Այս փոքր հողատարածքը, որ Հայաստան կը կոչենք, միթէ նաեւ անոնց հայրենիքը չէ՞: Սփիւռքը, Արցախը եւ Հայ դատը միթէ Հայաստանին չե՞ն պատկանիր:

Դուք պէտք էր ձեր քուէն տայիք նաեւ Արցախին, սփիւռքին եւ Հայ դատին համար:

Բայց դուք մոռցաք:

Հաւանաբար թաղապետն ու գիւղապետը ձեզ մոռցնել տուին: Թէկուզ մենաշնորհային համակարգի պարտադրանքը ձեզ մոռցնել տուաւ:

Բայց միեւնոյնն է, դուք մոռցաք:

Սակայն եւ այնպէս, Վահա՛նը վկայ, Արցախը, սփիւռքը եւ Հայ դատը ձեզ երբեք չեն մոռնար: Անոնք ձեզի հետ են, ձեր մէջքին են յաւիտեանս յաւիտենից, հոգ չէ թէ դուք այսօր պահ մը մոռցաք…

9 դեկտեմբեր 2018
Լոս Անճելըս

Ընտրութիւնները Յետեւում Են, Իսկ Ապագան` Առջեւում

$
0
0

ԱՐԱՄ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ
«alikonline»-ի պատասխանատու խմբագիր

Եւ այսպէս, ընտրութիւնները յետեւում են, իսկ ապագան` առջեւում:

Պարտուեցինք այս ընտրութիւններում, դա փաստ է, տհաճ իրականութիւն, բայց ոչ աշխարհի վերջն ու կեանքի աւարտը:

128 տարիների ընթացքում մենք բազում յաղթանակների` ՄԱԿԸՆԹԱՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ, ինչպէս նաեւ պարտութիւնների` ՏԵՂԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ ականատեսն ենք եղել: Յատուկ եմ ընդգծում մակընթացութիւններն ու տեղատուութիւնները, քանի որ դրանք կեանքի ընթացքի անբաժան բաղադրիչներն են: Չկան յաւերժ յաղթանակներ կամ էլ պարտութիւններ: Իւրաքանչիւր մակընթացութեանը հետեւում է տեղատուութիւն, իսկ դրան էլ` անպայման մակընթացութիւն:

Պարտութիւնն անխօս ցաւալի ու դառն է, բայց միեւնոյն ժամանակ` սթափեցնող, պարտաւորեցնող եւ պայքարի ու կեանքի կոչող: Այնպէս որ, պէտք է թօթափել ընկճախտն ու առաջ շարժուել: Բացուել է նոր օր, նոր մարտահրաւէրներով, իսկ մենք` մեր տեսակով կոչուած ենք հենց այդ մարտահրաւէրները յաղթահարելու: Դա մեր պարտքն է, պարտքը` մեր հայրենիքի եւ ժողովրդի առջեւ եւ այս պարագայում, նաեւ` այն 3.89 տոկոսի, որոնք վստահեցին մեզ: Մենք մեզ եւ մեր ընտրողներին յուսախաբ անել չենք կարող: Ուրեմն նոր աւիւնով, նոր ոգով եւ անցեալի սխալներից անհրաժեշտ հետեւութիւններ անելով` շարժուենք առաջ: Մենք ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆ ենք:

Յ.Գ. 1. Էյֆորիայի, ամբոխավարութեան հեղձուցիչ պայմաններում, մենք արեցինք հնարաւորն ու անհնարինը` մեր խօսքը, պատգամը, մտահոգութիւնները տեղ հասցնելու համար: Դրանք չընկալուեցին, ու դա ինչ որ տեղ բնական էր: Նման պայմաններում խլանում են ականջները, կորչում է սառը դատողութիւնը, մարում է տրամաբանութիւնը: Իսկ քո խօսքն, ինչքան էլ` ճիշդ ու արդար, միեւնոյնն է տեղ չի հասնում: Ջրերը կը հոսեն, կրքերը կը հանդարտուեն ու ժամանակն ամէն ինչ իր տեղը կը դնի: Եւ երբ անջատուած ուղեղները կը միանան կրկին, մթագնած գիտակցութիւնները կը լուսաւորուեն եւ խլացած ականջները կը լսեն, վրայ կը հասնեն մեր ժամանակները: Ես դրանում չեմ կասկածում, վստահ եմ:

Յ.Գ. 2. Արժանին պէտք է մատուցել Հայաստանի մեր ընկերներին. վարձքներդ կատար սիրելիներ: Դուք արեցիք ձեզանից կախուած ամէն ինչ: Չստացուեց, ոչի՛նչ, կարեւորը ձեր կամքն էր, վճռակամութիւնն ու նուիրուածութիւնը: Ապրէ՛ք:

Թեհրան

 

Viewing all 12094 articles
Browse latest View live