Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12135 articles
Browse latest View live

«Նէլսըն Մանտէլան Խորհրդանիշ Կը Մնայ Բռնութիւնը Ոչ Բռնի Միջոցներով Յաղթահարելու Քրիստոնէական Սկզբունքին» Արամ Ա. Կաթողիկոս

$
0
0

Քանի մը օրեր առաջ, ՄԱԿ-ի կազմակերպութեամբ, Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ Նէլսըն Մանտէլայի յիշատակին նուիրուած համագումար մը` իր ծննդեան 100-ամեակին առիթով: Նկատի ունենալով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս անձնապէս ճանչցած Նէլսըն Մանտէլան եւ հանդիպում ունեցած է անոր հետ, Cilicia TV-ն դիմեց վեհափառ հայրապետին` որոշ տեղեկութիւններ քաղելու ու իր տպաւորութիւնները ունենալու ափրիկեան այս մեծ անձնաւորութեան մասին:

Նորին սրբութիւնը հետեւեալը պատմեց Cilicia TV-ին.-

Նէլսըն Մանտէլային հետ իմ հանդիպումս պատահական չէր: Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը 1970-ական թուականներուն իր գործունէութեան կառոյցին մէջ նոր բաժանմունք մը հաստատեց` Combats Racism (Պայքար ցեղապաշտութեան դէմ) անունով: Այս բաժանմունքին գործունէութեան նպատակն էր զօրակցիլ յատկապէս Ափրիկէի կարգ մը երկիրներու մէջ (Զամպիա, Ռոտեզիա, Մոզամպիք, Հարաւային Ափրիկէ եւ այլն…) ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի լծուած կազմակերպութիւններուն: Յիշեալ եւ այլ երկիրներու մէջ իշխանութիւնը կը գտնուէր ճերմակամորթներուն ձեռքը, որոնք փոքրամասնութիւն կը կազմէին յարաբերաբար տեղացի ափրիկեցիներուն, եւ յիշեալ իշխանութիւններուն կողքին կը գտնուէին Անգլիան, Փորթուգալը, Սպանիան, Հոլանտան եւ այլ արեւմտեան երկիրներ:

ԵՀԽ-ի զօրակցութիւնը քաղաքական, հոգեւոր ու բարոյական միջոցառումներու կողքին նաեւ կը ներառէր նիւթական աջակցութիւն` մշակութային, կրօնական, կրթական ու ընկերային ծրագիրներուն: Խորհուրդին յիշեալ ծրագիրին, յատկապէս ցեղապաշտութեան դէմ պայքարող կազմակերպութիւններուն զանազան ծրագիրներուն` օժանդակութեան դէմ էին շարք մը արեւմտեան երկիրներու եկեղեցիներ` բնականաբար հետեւելով իրենց պետութիւններու քաղաքական կեցուածքին: Անոնց հիմնական մտահոգութիւնը այն էր, թէ զանազան ծրագիրներու համար կատարուած նիւթական օժանդակութիւնը կրնար յատկացուիլ զէնքի գնման: Հակառակ ԵՀԽ-ի մէջ ստեղծուած հակադիր կարծիքներու ու ներքին բաժանումներու, Խորհուրդի անդամներուն մեծամասնութիւնը վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը, նաեւ նիւթական աջակցութիւնը ցեղապաշտութեան դէմ պայքարող կազմակերպութիւններուն, որոնք իրենք զիրենք կը բնորոշէին իբրեւ «Ազատագրական շարժում»:

Բնականաբար, որպէս հայ հոգեւորական, իմ երիտասարդ տարիքէս միշտ իմ զօրակցութիւնս յայտնած եմ յիշեալ շարժումներուն առնչուած ծրագիրներուն` անոնց մէջ տեսնելով մեր ժողովուրդին արդարութեան պայքարը: Հետագայ տարիներուն, երբ ԵՀԽ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ դարձայ, զօրակցութիւնս աւելի շեշտուեցաւ, եւ մանաւանդ երբ ատենապետ ընտրուեցայ Խորհուրդին կեդրոնական ու Գործադիր վարչութեանց, զօրակցութիւնս եղաւ ամբողջական ու շեշտակի, որովհետեւ կը հաւատայի, որ ցեղապաշտութեան դէմ այս շարժումներուն պայքարը ճիշդ էր եւ, հետեւաբար, եկեղեցին պէտք է զօրակից դառնար անկախութեան, արդարութեան ու մարդկային իրաւանց ի խնդիր տարուող պայքարին:

Երբ 1991 թուականին Նէլսըն Մանտէլան, որ երկար տարիներէ ի վեր բանտարկուած էր Հարաւային Ափրիկէի Ռոպէն կղզիին մէջ` իբրեւ այդ երկրին ազատագրական պայքարին ղեկավարը, բանտէն ազատ արձակուեցաւ, իր առաջնահերթ աշխատանքներէն մէկը եղաւ յանուն իր ժողովուրդին, իր երախտագիտութիւնը յայտնել ԵՀԽ-ին: Ան այցելեց խորհուրդի կեդրոնատեղին Ժընեւի մէջ եւ իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնեց այն բոլոր եկեղեցիներուն, որոնք զանազան ձեւերով օգտակար հանդիսացած էին ափրիկեան երկիրներու ազատագրական շարժումներուն:

Իմ երկրորդ հանդիպումս տեղի ունեցաւ 1992-ին` Հարաւային Ափրիկէի Ճոհաննէսպըրկ եւ Փերիթորիա քաղաքներուն մէջ: Ճոհաննէսպըրկի հսկայ մարզադաշտի մը մէջ, հազարաւոր ժողովուրդի ներկայութեան, Նէլսըն Մանտէլան խօսք առաւ եւ դարձեալ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց ԵՀԽ-ին, ապա ես խօսք առի` իբրեւ ատենապետ այդ խորհուրդին: Ժողովրդային այս հաւաքին յաջորդեց կրօնական արարողութիւն մը, եկեղեցւոյ մէջ, ուր դարձեալ խօսք առինք: Յաջորդ օրը Նէլսըն Մանտէլայի պաշտօնական գահակալութիւնը տեղի ունեցաւ մայրաքաղաք Փերիթորիոյ մէջ, ուր դարձեալ կարճ հանդիպում մը ունեցայ անոր հետ:

Նէլսըն Մանտէլան ազատագրական պայքարի սովորական ղեկավար մը չէր: Անոր անձին մէջ խտացած էին մարդկային, բարոյական ու հոգեւոր արժէքներ: Ան խոր հաւատացեալ էր եւ յաճախ իր բանտարկութեան ընթացքին կարդացած էր Աստուածաշունչին առնչուած գրականութիւն: Նէլսըն Մանտէլան պարզ ու խոնարհ մարդ էր: Անոր ողջ կեանքը դարձաւ ամէնօրեայ պայքար` աղօթքի, խոկումի ու ոչ բռնի միջոցներով իր ժողովուրդի անկախութեան ու արդարութեան համար: Իր անմիջական գործակիցը եղած է Հարաւային Ափրիկէի անկլիքան եպիսկոպոս Դուդուն, որ միաժամանակ ինծի մօտիկ բարեկամ եղած է միջեկեղեցական ծիրին մէջ եւ պաշտամունքի հասնող սէր ու յարգանք ունեցած է Մանտէլայի նկատմամբ` որպէս ազատագրիչը Հարաւային Ափրիկէին:

Ես մօտէն հետեւեցայ ՄԱԿ-ի կազմակերպած վերջին համագումարին` Նէլսըն Մանտէլային նուիրուած, եւ գոհունակութեամբ լսեցի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին` Նիկոլ Փաշինեանին խօսքը: Ուրախ եմ, որ վարչապետը յանձն առած է այդ ամպիոնէն անդրադառնալ Նէլսըն Մանտէլայի տիպարին, որ կը մնայ խորհրդանիշ ու ներշնչման աղբիւր այն բոլոր անձերուն ու շարժումներուն, որոնք ոչ բռնի միջոցներով արդարութեան ու ազատութեան համար կը պայքարին:


Հայ Դպրոցը` Հայակերտման Ամրոց

$
0
0

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ
Ապագայ լրագրող

Հայ դպրոցին առաքելական դերը հայկական գաղութներուն մէջ միշտ եղած է ու պէ՛տք է մնայ անմիջական: Հայ դպրոցը հարազատ տունն է հայ մանուկին: Հայ դպրոցը տունն է նաեւ միա՛յն նուիրեալ հա՛յ ուսուցիչին եւ ո՛չ թէ հայկականութենէ զուրկ ու միայն նիւթական շահեր հետապնդող «ուսուցիչ»-ին: Հայ դպրոցը սոսկ ուսումնարան չէ, հայ դպրոցը սոսկ քարաշէն կառոյց չէ, հայ դպրոցը հայակերտման ու հայապահպանման սո՛ւրբ վայր է: Վա՜յ անոր, որ հայ դպրոցը կը շփոթէ սովորական կառոյցներու հետ կամ իր անձնական շահերը կը խառնէ անոր շահերուն… ապա ան վստահաբար պիտի արժանանայ հայասէրներու անէծքին:

Անձնական շահե՞ր, գացէ՛ք` փնտռեցէ՛ք հայկական դպրոցներէ հեռո՜ւ կառոյցներու մէջ: Ազգային շահերը վե՜հ են ու վսե՛մ. կարելի չէ զանոնք համեմատել կամ խառնել անձնական շահերու հետ: Հեռո՜ւ պահեցէ՛ք հայ մարդ պատրաստող դպրոցները անիմաստ ու քանդիչ «ըսի-ըսաւ»-ներէ: Այս դպրոցներուն առաքելութիւնը «Ես» չի ճանչնար: Այս դպրոցներուն առաքելութիւնը սո՛ւրբ է, սրբազա՛ն ու ամէն տեսակի աղաւաղիչ գործերէ: Այս դպրոցները հիմնուած չեն միա՛յն ուսում ջամբելու համար. անոնք հիմնուած են` հայ ժողովուրդի գոյատեւումը ապահովելու համար, հա՛յ մարդ պատրաստելու համար, հայ սերունդներ դաստիարակելու համար, հայ աշակերտին մէջ հայկականութիւն սերմանելու համար, հայրենիքի գաղափարը վառ պահելու համար, ազգ հասկացողութիւնը բացատրելու համար… եւ ի վերջոյ, հայ ժողովուրդի ապագան ապահովող հայկականութեամբ ու բարոյական արժէքներով թրծուած սերունդներ պատրաստելու ու մշակելու համար:

Հետեւաբար դատապարտելի է որեւէ քայլ, որ կը խաղայ հայ դպրոցի ճակատագրով, քանզի ան ինքնաբերաբար կը խաղայ ամբողջ ազգի մը ապագայով: Ուստի ըլլանք զգօն, որդեգրենք խոհեմ, հեռատես ու հայ ժողովուրդին շահերը ապահովող քայլեր, որպէսզի ապագային «երանի՜» բացագանչութեանց տեղ չտանք:

Միասնաբար բարձր պահենք հայ դպրոցը ամէն տեսակի կործանիչ փորձերէ: Այսօր, գտնուելով այլասերման փոթորիկի հոսանքներու դէմ յանդիման, հայ դպրոցին դերը աւելի անմիջական է, քան երբեւէ: Հանդուրժելի ու արտօնելի չէ որեւէ նահանջ արձանագրող քայլ: Պատասխանատուութեան բեռը աւելի ծանր է, քան երբեւէ: Ճի՛շդ ձեւով շալկենք այդ բեռը, որ չըլլայ թէ իյնայ:

Յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով`
Բարի՛ վերամուտ, սիրելի՛ հայ ուսուցիչ,
Բարի՛ վերամուտ, սիրելի՛ հայ աշակերտ:

 

 

Զաւէն Խտըշեանի Անդարձ Մեկնումին Առիթով. «Յաւերժութեան Ճամբորդ»-ը

$
0
0

Անդարձ մեկնումը Զաւէն Խտըշեանի նման կայացած քանդակագործի մը` խիստ ցաւալի է անշուշտ: Սակայն, տրուած ըլլալով, որ անոր արուեստը իր բնոյթով ու վեհաշուք ուրոյն գեղեցկութեամբ հպարտութիւն կ՛առթէ թէ՛ մեզի` լիբանանահայերուս, եւ թէ՛ առհասարակ Լիբանանի հասարակութեան, ան արժանի էր արժանապատիւ ու առնուազն համագաղութային հրաժեշտի:

Եւ տրուած ըլլալով, որ այս տաղանդաշատ կերպարուեստագէտը թէեւ ունէր զարտուղի նկարագրային գիծեր ու շեղումներ, այնուամենայնիւ ան խիստ մարդկային էր իր ընկերական յարաբերութիւններուն մէջ ու ընտանիքին հանդէպ (խօսքը իր դստեր ու թոռան կը վերաբերի), համակուած էր մեծ սիրով ու խանդաղատանքով. մեզի համար անհասկնալի կը մնայ, թէ ինչո՞ւ ան վերջին ամիսներուն կեանքը անցուց անբարենպաստ պայմաններու մէջ…

Համեմատած Զաւէն Խտըշեանի արուեստի մեծութեան ու որակին` Լիբանանը շատ փոքր տարածք էր իբրեւ ստեղծագործական դաշտ: Այդ պատճառով ալ ան չկրցաւ «տեղաւորուիլ» նոյնիս՛կ երկրագունդի վրայ եւ իր վերջին տարիներու երկերով դիմեց դէպի անջրպետ, դէպի յաւիտենականութիւն` իբրեւ «յաւերժութեան ճամբորդ»…

Իր ստեղծագործական կեանքին մասին ընդհանուր գաղափար մը տալու համար ստորեւ կու տանք հակիրճ կենսագրական ու երկու ակնարկ՝ քաղելով զանոնք Համազգային հրատարակչական տան «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնին համագործակցութեամբ 2015-ին լոյս տեսած «Զաւէն» պատկերագիրքէն:

Մ. Ս. Հ.

 Արուեստագէտը` Անջրպետին Մէջ

… Քանզի բնակարանս անջրպետն է:
ՍԵՐԳԷՅ ՓԱՐԱՋԱՆՈՎ

Մասնագիտական կրթութիւնը Փարիզի մէջ ստանալէ եւ Պէյրութ վերադառնալէ ետք, Զաւէն Խտըշեան քառասուն տարի առաջ իր առաջին անհատական ցուցահանդէսով կը ներկայանար Լիբանանի գեղարուեստասէր հանրութեան: Այն ատեն Լիբանանի մտաւորականութիւնը ողջունեց յայտնութիւնը տաղանդաւոր ու ինքնատիպ քանդակագործի մը, որ թարմութիւն կը ներմուծէր երկրի կերպարուեստի անդաստանին մէջ: Իսկ 1954-ին անոր գործերուն Փարիզի «Փըթի փալէ» սրահին մէջ ցուցադրուելէն ետք, Զաւէն Խտըշեանին շնորհուեցան յաջորդաբար երկու տարիներու Փարիզի «Պո զ՛ար»-ի առաջին մրցանակները:

Շուրջ տասնեակ մը մրցանակներու եւ պատուոյ գիրերու արժանացած Զաւէն Խտըշեանին արուեստը այսօր բիւրեղացման վերջին ծիրին վրայ կը թուի ըլլալ, ուր արուեստագէտը իր ստեղծագործութիւններով կը թեւածէ անջրպետին մէջ:

Ժամանակին կը զարմանայինք, թէ ինչո՛ւ Զաւէն Խտըշեանը իր ստեղծագործութիւնները չի ցուցադրեր Լիբանանէն դուրս: Կը զարմանայինք, որովհետեւ անոր գործերը Արեւմուտքի մէջ յաջողելու եւ գնահատուելու բոլոր տուեալները ունին: Այսօր, ի տես անոր վերջին ստեղծագործութիւններուն, ի տես անոր առօրեայ կեանքին ու անմիջական հետաքրքրութիւններուն, կու գանք այն եզրակացութեան, որ Զաւէն Խտըշեանին բնակարանը եւս անջրպետն է: Այո՛, ինչպէս Փարաջանով, ինք եւս կը ձգտի դէպի անջրպետ` դէպի յաւիտենականութիւն, ուր կը փորձէ իր ստեղծագործութիւններուն հետ «բնակիլ»:

Զաւէն Խտըշեանին համար Երկիր մոլորակն ու անոր վրայ գծուած կեանքի սահմանները նեղ են ու անհրապոյր, որովհետեւ ան կը հաւատայ ոգեղէն արժէքներուն` ոգեղէն ոլորտներուն մէջ: Ան փախուստ կու տայ առօրեայ տաղտուկներէն ու նիւթի կաշկանդումներէն, որոնք պարզապէս կ՛արգելակեն իր ստեղծագործական թափն ու կը խանգարեն իր հոգեմտաւոր թռիչքը:

Այո՛, Զաւէն Խտըշեան իրողապէս կ՛ապրի Երկիր մոլորակին վրայ եւ կը ստեղծագործէ Լիբանանի մէջ, սակայն ան բնակիչն է անջրպետին, ուր անկշռելիութեան սահմաններուն վրայ կը սաւառնի ազատօրէն` ձերբազատած երկրային տառապանքներէն ու տագնապներէն:

Նուրբ յոյզերու եւ եթերային թարմ ապրումներու տէր այս արուեստագէտը տակաւին չէ ստացած իր գնահատանքն ու արժեւորումը: Տակաւին մենք զինք չենք ճանչնար իր ամբողջական իսկութեան եւ բոլորանուէր իրաւութեան մէջ: Հայրենիքը գրեթէ տեղեակ չէ իր գոյութենէն…

Սակայն օրը պիտի գայ, երբ Զաւէն Խտըշեանին ինքնատիպ, բիւրեղ ու խիստ արտայայտիչ գործերը պիտի խօսին եւ զինք դասեն ո՛չ թէ Միջին Արեւելքի (ինչպէս շատեր կ՛ընդունին արդէն), այլ առհասարակ աշխարհի ժամանակակից լաւագոյն քանդակագործներու շարքին:

Թերեւս շատեր հարցնեն, թէ ինչո՞ւ մինչեւ հիմա իբրեւ այդպիսին չէ գնահատուած ան: Պատճառներէն առաջինը իր համեստութիւնն է: Երկրորդը` ան չի հաւատար հրապարակային մեծարանքներու եւ պատուանշաններու, այլ կը հաւատայ գործի ներքին ուժին ու անոր գեղագիտական լիցքին, որոնք կրնան զինք առաջնորդել դէպի անմահութիւն` դէպի անջրպետ: Զաւէն Խտըշեանին պայքարը ինքն իրեն հետ է: Ինքզինք գերազանցելու ճամբուն վրայ ան կ՛անցնի բազմաթիւ հոգեւոր միգամածութիւններէ` ի վերջոյ բնակելու համար անջրպետին մէջ, ուր ինքզինք ազատ ու հարազատ պիտի զգայ:

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ 

Պարուրողը Եւ Պարուրուածը

Լիբանանեան քանդակագործութեան համապատկերին մէջ Զաւէն Խտըշեան իւրայատուկ տեղ մը կը գրաւէ իր գեղարուեստական ըմբռնումին միութեամբ ու միատարրութեամբ: Այդ ըմբռնումին մէջ ո՛չ ինքնահաճ կեցուածքը, ո՛չ ալ աննպատակ արարքը տեղ ունին:

Իր ստեղծագործական կերպը հիմնուած է պարուրողի եւ պարուրուածի տրամախոհութեան վրայ. գործերը, իրենց կառոյցով ու մակերեսներով, կը ներկայանան թէորեմներու պէս, որոնց խնայողական իրացումը չի վնասեր համադրական ոգիին: Անոնք կը յատկանշուին զուսպ կերպով արտայայտուող նուրբ զգայնութեամբ մը:

Խտըշեանին միակ բներգը մարդկային մարմինն է` քողարկուած: Մերկութիւնը կը զատորոշէ, կը բաժնէ եւ կը ցրուէ: Քողը կը պարուրէ, կը հաւաքէ ու կը միաւորէ:

Այսպէս պահուած, ներքնացած, արեւելեան իր յատկանիշներուն եւ թերեւս` նախնական բնազանցութեան մը արտայայտութեան վերածուած մարմինէն կ՛երեւին միայն հիմնական գիծեր ու կէտեր, որոնք քողին պրկումը կը տնօրինեն:

Այս վերջինը առանց փոթի եւ ծալքաւորումի` կը տարածուի լայնօրէն, կը կազմէ նուրբ ելեւէջներով ողորկ մակերեսներ, որոնք գոգաւոր ու կորնթարդ զառիթափեր կը ձեւացնեն զանազան ուղղութիւններով: Ասոնք բացառիկ ունակութիւնը ունին կապտելու, բաժնելու եւ հակադրելու շուքն ու լոյսը:

Զարմանալիօրէն, առանց ճեղքի ու բացուածքի ամբողջի մը մէջ համախմբելով մէկտեղ գիծերն ու հարթութիւնները, Զաւէնի քանդակը կը քակտէ ծաւալը, որ իբրեւ զանգուած չի ներկայանար, այլ կարծես կը կծկուի տեւաբար, առաձգականօրէն տեղի կու տայ տիրող ճնշումին` շեշտելով այսպէս ներքին շարժումէն ստեղծուած պրկումը:

Այս ամէնէն կը ծնի հմուտ տիրակալութեան, զտութեան, ճշգրտութեան եւ վայելչութեան տպաւորութիւն մը, որ կը յիշեցնէ արդի պարի նախատիպարային կերպարները, մանաւանդ որ Խտըշեանին քանդակները մերթ կը սլանան օդին մէջ, մերթ կը փռուին գետին, մերթ կ՛անջատուին կարծես հողէն` յենելով անոր:

Որոշ գործերու կշռոյթը ուսումնասիրելէ ետք չենք կրնար չոգեկոչել պատկերներ Մարթա Կրահամէն: Ան ալ մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէր պարուրող հագուստին, որ կը փառաւորէ շարժումները եւ անոնց կու տայ տարածութիւն, ազնուականութիւն եւ տիեզերական տարողութիւն:

Քողարկումի այս գեղագիտութեան մէջ քողը հրապուրանքի յաւելեալ միջոց մը չէ` փակումի եւ բացումի սեռայնական յաջորդականութեամբ, այլ` վերջնական ծածկումի միջոց մը, որ կրնայ ըմբռնուիլ իբրեւ արգելափակումի կամք կամ կամքի արգելափակում, որ կոչ կ՛ընէ ազատագրութեան տաժանելի ճիգի մը:

Անտեսանելի մարմինն է, որ կը կենդանացնէ տեսանելի քողը երկիմաստ այս միջոցով, կեանք եւ խորհուրդ կը շնորհէ անոր, եւ ոչ` հակառակը: Ինչ որ կ՛արդարացնէ գեղագիտական առաջնութիւնը կառոյցի եւ մակերեսի ազդեցութիւններուն: Պարուրողի եւ պարուրուածի տրամախոհութիւնը ներքնացնող արտաքինի մը եւ արտաքնացնող ներքինի մը տրամախոհութիւնն է:

Պարզ այս գործերու կերպընկալ ձեւաւորումը այնքան ճիշդ է, որ կարելի չէ բան մը աւելցնել անոր կամ պակսեցնել անկէ` առանց սխալ գործելու: Կարծես անոնց հեղինակը, սահմանագիծի մը վրայ աշխատելով` ամենաճշգրիտ ձեւով կ՛ընէ հաշիւը իր ձեւերուն, որոնք անկիւնաւոր կը թուին, բայց անկիւնաւոր չեն, որովհետեւ սրութիւնները մեղմօրէն կը կորսուին զանգուածին մէջ, ուրկէ դուրս եկած էին:

Իրողապէս Խտըշեան բան չի ձգեր պատահականութեան, պահի տպաւորութեամբ չի յանկարծաբաներ ան, երկարօրէն կը մտածէ իր ստեղծելիք քանդակներուն մասին: Անոնք կ՛իրագործուին բազմահանգրուան գործընթացի մը աւարտին: Նախ կը պատրաստուի կաւէ պզտիկ մանրակերտ մը, որ հետագային քանի մը անագապղինձէ թուագրուած արձանիկներու ծնունդ կու տայ, ապա բացարձակ ճշգրտութեամբ կը ստեղծուի բնական չափերով գաճէ արձան մը, որուն մանրակրկիտ վերարտադրութիւնը պիտի ըլլայ քարէ վերջնական ձեռակերտը:

Ստեղծագործական աշխատանքը կը կատարուի կաւէ մանրակերտին եւ գաճէ նախատիպին միջեւ… այս սահմաններուն մէջ է, որ կը ստեղծուին ու կը հասուննան քանդակներ, որոնց իրագործումին համար հաշիւը կը զուգորդուի ներիմացութեան, որոնումը` գիւտին, երկրաչափական միտքը` նրբախոհութեան, գիտակից պայծառատեսութիւնը` անգիտակիցի մթամած լոյսին:

Վերայայտնուելով երկար բացակայութենէ  մը ետք, Խտըշեան իբրեւ նուէր մեզի կը բերէ կատարելութեան սէրը, որ անհետացումի վտանգին ենթակայ է:

ԺՈԶԵՖ ԹԱՐՐԱՊ 

Արեւելեան Գիշեր

Զաւէն Խտըշեան, մեծատաղանդ քանդակագործ ըլլալու կողքին, ունէր նաեւ երգիծանքի նուրբ զգացողութիւն ու պատմելու բացառիկ շնորհ: Ստորեւ տրուած փոքր պատումը ոչ միայն իր գրական շնորհքը եւս կը բացայայտէ, այլ նաեւ վաւերական վկայութիւն մըն է իր հայրենասիրական նկարագիրի մասին, որ շօշափելիօրէն դրսեւորուած է իր շարք մը գործերու մէջ, ինչպէս` Պիքֆայայի «Վերածնունդ» յուշակոթողը եւ «Վերածնունդ», «Պաշտպանութիւն», «Արցախ» եւ այլ քանդակներ:

«Ա.»

Արեւելքի կախարդական գիշերներէն է` աստղածոր երկինք` մութ մանիշակագոյն ներքնախորքով: Լուսնի արծաթեայ սկաւառակը կը բարձրանայ լերկ լերան կատարէն, մինչ աստղերու լոյսը կը նահանջէ երկնակամարէն: Ծղրիթները կ՛երգեն լռութեան երգը: Հովն է միայն` կը թափառի լեռնէ լեռ, բլրակէ բլրակ, հովիտէ հովիտ. հովիւ մը կիսամութին մէջ «Եա լէյլ» (գիշեր) կ՛երգէ:

Հո՛ ն, բլրակի կատարին, առանձին վրան մը. լուռ գիշերուան մէջ հովն է` կը զարնէ, փոքր ճրագ մը կը մեռնի գիշերուան խորհուրդին մէջ:

Վրանէն ներս եօթը պանդուխտ հայ որսկաններ յոգնած` բոլորուած են հայաստանեան քոնեաքի շիշի մը շուրջ. կը պարզուին բաժակները, մինչ շիշին տակի հեղուկը կը սուզուի յատակը` ջերմացնելով հայ պանդուխտներու ցրտացած հոգիները: Հովն է ցուրտ, որ կը զարնէ դարձեալ վրանին. ի՜ նչ փոյթ, երբ իրենց այդ հոգիները տաքցած են արդէն իրենց հայրենիքին ջերմ ալքոլով: Կը ծխեն բոլորը. անոնց գլանիկներուն ծուխը կը բարձրանայ վեր, դէպի շղարշեալ պատուհանները, ուրկէ լուսնի լոյսը մարմարեայ բիւրեղ սիւնի մը նման կ՛իյնայ ներս` փայլեցնելով հրացաններու կապոյտ փողերը:

Հայաստանի ձայնասփիւռն է` նուիրուած հայ պանդուխտներուն, նուիրուած իրենց: Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծութիւններն են, որոնք հայրենի հողէն կու գան մինչեւ իրենց վրանը, մինչեւ ներս. «Գեղեցկութեան արձանին», կ՛արտասանէ հայ արտիստ մը, որուն կը յաջորդէ «Բանուորուհին». (Կարմիր հողը)

«Պատուհանիս տակէն ամէն առաւօտ
Ուրուականի պէս կ՛անցնիս…»:

Ու վերջապէս «Կարմիր հողը»
«Գրասեղանիս վրայ, սա`
Սգաւառակին մէջ կայ բուռ մը հող` բերուած հոն
Հայրենիքիս դաշտերէն…»:

Հայրենաբաղձութիւնը կը տանջէ եօթնին ալ հոգին. յանկարծ կը զգամ, որ այդ ամուր կարծուած հողը, որուն վրայ կանգնած էր մեր վրանը, կը շարժի, կը շարժի` քանդուելու չափ զօրաւոր: Ամբողջ կէս ժամ կը լսուի Վարուժանը, հայ մեծագոյն երգիչը` ցաւի, կարօտի, պայքարի: Բանաստեղծութիւնները կը վերջանան, եւ կը խօսի հայ շինականին երգը, Կոմիտաս. յուզումը կը խեղդէ կոկորդս:

Չարենց` անզուգական «Ես իմ անուշ Հայաստանի»:

Գլանիկներու ծուխը կը վերածուի մեր հեզաճկուն աղջիկներուն, որոնք կը պարեն ահա մեր վրանին մէջ, մեր առջեւ. մեր դաշտերու ծաղիկներուն բոյրը կու գայ մեզ կրկին անգամ արբեցնելու: Եւ վերջապէս` Մասիս սարն է, որ կը կանգնի մեր վրանի կողքին. խրոխտ, հպարտ: Ճրագը մեռած էր վաղուց եւ ձայնասփիւռը լռած:

Ընկերներս քնացան գուցէ, բայց ես արթուն եմ երկար ժամանակ, կը ծխեմ եւ կը մտածեմ մէկ բան. ինչո՛ւ, ինչո՞ւ մեր վրանը ըլլար օտար լերան մը լանջին, եւ ոչ թէ` մեր Մասիսի լանջերուն:

ԶԱՒԷՆ ԽՏԸՇԵԱՆ

Ճեպէլ Քնիսէ, Լիբանան
24 օգոստոս 1957

————————————

Կենսագրութիւն
Զաւէն Խտըշեան
  • Ծնած է 1932-ին, Պէյրութ, Լիբանան:

Ուսում

  • 1949-1952, Պէյրութի Գեղարուեստի ակադեմիա
  • 1952-1958, Փարիզի Ազգային բարձրագոյն արուեստներու դպրոց, ուրկէ վկայուած է
  • 1952-1954, Հիւպէր Եանսեսի հետ մարմնաքանդակ • 1954-1956, Մարսէյ Ժիմոնի հետ` դիմաքանդակ
  • 1956-1958, Ալֆրետ Ժանիոյի հետ բարձրաքանդակ եւ կոթողական քանդակագործութիւն

Ուսուցում

  • Լիբանանի մէջ քանդակագործութեան առաջին դասախօս
  • Գեղարուեստի ակադեմիաներու մէջ ճարտարապետութեան դասաւանդութեան նոր ծրագիրի մը հեղինակն է
  • 1960-1982, Լիբանանի Գեղարուեստի ակադեմիայի դասախօս
  • 1966-1987, Լիբանանեան համալսարանի Գեղարուեստի հիմնարկի դասախօս
  • 1980-1982, Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի Գեղարուեստի հիմնարկի դասախօս

Ցուցահանդէսներ

  • 1954 Փարիզի «Փըթի փալէ»-ի մէջ` «Օտար արուեստագէտներ Ֆրանսայի մէջ» խորագիրով
  • 1958-2010, մասնակցած է աշնանային, գարնանային եւ շարք մը խմբային ցուցահանդէսներու
  • 1963 Ալեքքօ Սաապ, Պէյրութ
  • 1982 Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարան
  • 1987 «Լա թուալ» ցուցասրահ, Ռիմել, Ժունիէ
  • 1994 Աղեքսանդրիոյ Պիեննալի 18-րդ ցուցահանդէս
  • 1995 «Էմմակոս» ցուցասրահ
  • 1997 «Էլիաս Ապու Շապքէ» թանգարան
  • 2002 Գերմանական մշակութային կեդրոն, Քասլիք • 2010 Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ
  • 2015 Լիբանանեան Գեղարուեստական համալսարան – ALBA

Մրցանակներ

  • 1954 Փարիզի Գեղարուեստի դպրոցի առաջին մրցանակ
  • 1954-1955 Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան կրթաթոշակի մրցանակակիր
  • 1955 Փարիզի Գեղարուեստի դպրոցի առաջին մրցանակ
  • 1965 «Սթրանտ» կեդրոնի առաջին մրցանակ
  • 1965 «Լ՛Օրիան» պարբերաթերթի երկրորդ մրցանակ (Թիւֆենկճեան)
  • 1973 «Սըրսոք» թանգարանի աւազանին համար արձան մը, առաջին մրցանակ

Գործեր

  • Պիքֆայայի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը
  • Աննայայի մէջ` Ս. Շարպելի արձանը
  • Պոսթընի մէջ` Գարեգին Նժդեհի կիսանդրին
  • Հալէպի մէջ` Զարեհ Ա. կաթողիկոսի կիսանդրին
  • Այնճարի մէջ` Շաւարշ Միսաքեանի կիսանդրին
  • Պէյրութի Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանին մէջ` Սիմոն Վրացեանի կիսանդրին
  • Պէյրութի «Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան» զբօսայգիին մէջ` Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի կիսանդրին
  • Պէյրութի մէջ` Հանրի Ֆարաոնի կիսանդրին
  • Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ` «Պաշտպանութիւն» յուշակոթողը
  • Մթէյնի մուտքին տեղադրուած յուշարձանը
  • Ժիպէյլի մէջ` «Աղօթք» յուշարձանը

Կրթութեան նախարարութեան հրամանագիրով 1967-էն ի վեր անդամ է ազգային գեղանկարիչներու եւ քանդակագործներու ընտրութեան դատական կազմին, ինչպէս նաեւ անդամ` բարձրագոյն կրթութեան դասախօսներու եւ ֆրանսախօս երկիրներու մրցանակաբաշխութեան դատական կազմերուն: 2000-ին, Ալէյի մէջ, 66 քանդակագործներու մասնակցութեամբ, կոչունքի պատուոյ հիւր: 1985-ին` գծագրութիւններու մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը մանուկներու տեսանկիւնէն դիտուած վաւերագրութեան հեղինակ:

Քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանին անունը գերմանական Գեղարուեստի համայնագիտարանին մէջ նշուած է աշխարհահռչակ քանդակագործներու շարքին, ինչպէս նաեւ` «Լարուս» հրատարակչատան «Գեղարուեստն ու արդի աշխարհը» համայնագիտարանին մէջ (1974):

————————————

 

 

ԶԱՒԷՆԸ

$
0
0

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ

Զաւէնին հետ առաջին հանդիպումս եղած  է 1956-1957 թուականներուն, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետ Զարեհ Ա.  հովուական այցելութիւն մը պիտի տար Թրատ թաղի Ս. Աստուածածին եկեղեցի: Կաթողիկոսական պատուիրակութիւնը պիտի անցնէր Թոմարզա թաղէն, մեր տան առջեւէն, եւ ուրեմն սովորութիւն էր  բարի գալուստի կամարներով դիմաւորել ազգի առաջնորդը, որ նախագահի կամ թագաւորի հանգամանք ունէր  այդ օրերուն: Հայրիկս շինեց շատ գեղեցիկ բարձր կամար մը` ճերմակ կտաւով փաթթուած եւ արմաւենիի ճիւղերով ծածկուած, որուն ճակատին սպիտակ պաստառին վրայ մաքուր եւ գեղեցիկ նաշխազարդերով. «Բարի գալուստ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետ Զարեհ Ա.-ին» արձանագրուած էր: Ո՞վ պիտի գրէր այդ մէկ նախադասութիւնը, եթէ ոչ` Զաւէնը, որ արդէն թոմարզացիներուն մէջ արուեստագէտի համբաւը կը վայելէր: Հայրիկս լուր ղրկած էր, որ  Զաւէնը գար եւ ինք գրէր բարի գալուստի խօսքը: Մեր տան բակը թաղեցիներու ելումուտով խճողուած էր, մայրս ճաշարանի սեղանին վրայ փռած էր ճերմակ կտաւը, իսկ Զաւէնը ամենայն բծախնդրութեամբ աշխատեցաւ ամբողջ գիշերը մեր բոլորին ուշադիր եւ հետաքրքիր նայուածքներուն տակ: Որպէս վարձատրութիւն արուեստի  իր գործին, աւարտելէ ետք, մայրիկս  զինք պատուեց ճոխ ընթրիքի սեղանով մը: Ես շատ փոքր էի եւ կը հետեւէի, թէ Զաւէնը ինչպիսի՛ բծախնդրութեամբ կը գրէր, որքան լուրջ եւ կեդրոնացած կ՛աշխատէր, իմ մտահոգութիւնս, սակայն, ուրիշ բան էր, յաջորդ օրը վեհափառին ինքնաշարժը կանգ պիտի առնէր կամարին առջեւ, եւ վեհափառը պիտի ողջունէր հաւաքուած ժողովուրդը, եւ ծաղկեփունջը ես պիտի տայի վեհափառին: Անձկութեան, ուրախութեան ու նաեւ անբացատրելի վախի զգացումներով սպասեցի յաջորդ օրուան:

Անցան տարիներ եւ այդ օրէն միտքս մնացած  են  միայն Զաւէնին սեւ թաւ պեխերը, թաղեցիներու հիացմունքը` անոր ինքնավստահ ու ճարտարօրէն  վրձինը շարժող մատներուն վրայ եւ ծաղիկներու փունջը, որ յանձնեցի վեհափառ հայրապետին:

Հարուստ է Զաւէնին կենսագրութիւնը` արուեստագէտի ներաշխարհէն բխող նկարագրային գիծերու անհասկնալի  ու անմեկնելի իւրայատկութիւններով, արկածախնդրութիւններով, դպրոցական  օրերու  պատահած խստապահանջ ուսուցիչներու զաւեշտական դրուագներով, անբացատրելի նախապաշարումներով, հաւատալիքներով ու տարօրինակութիւններով: Անշեղ էր իր գաղափարներուն մէջ եւ անտեղիտալի վիճող, վերջին խօսքը իրն էր միշտ, դատելու եւ տրամաբանելու վերին աստիճանի ուշիմութեամբ եւ բանականութեամբ: Հայ էր Զաւէն,  մոլեռանդօրէն հայ, հոգին ալեկոծ հայը:

Ինչպէ՞ս կարելի է Զաւէնը նկարագրել եւ անոր հետ կապուած անսահման դրուագները պատմել, ինչպէ՞ս կարելի է հսկայ մը այս նեղ տողերուն մէջ ամփոփել:

Ի հարկէ մենք չէ, որ արուեստագէտը Զաւէնին մէջ պիտի արժեւորենք: Բայց հաստատ կրնանք ըսել, որ ան քանդակի հսկաներու պանթէոնին մէջ արժանաւորապէս իր տեղը արդէն գրաւած է: Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակին նուիրուած հոյակապ ու ճարտարապետական գիծերու համաչափութեան անկրկնելի կոթողը կտրեր անցեր է բոլոր չափորոշիչները. կոթող, որ կոտորուած ժողովուրդի մը ամբողջ պատմութիւնը կ՛արտացոլացնէ ծնրադիր, բայց` դէպի երկինք առաքող վերամբարձ  ձեռքերու այնքան խօսուն, այնքան սրտառուչ ու այնքան շքեղ սլացքով: Յիսնամեակ մը ետք, տակաւին, նոյնքան հնչեղ ու խօսուն, անոր խորհուրդն ու պատգամը կը վրդովեն ու կը ներշնչեն սերունդները` մնալու յանձնառու մեր բիւրաւոր նահատակներու պատգամին: Ընդունէ, Զաւէ՛ն, համայնական շնորհակալութիւնը ժողովուրդիդ` մեր նահատակներու տառապանքին ու աստուածառաք պաղատանքին հոգեխռովքը այնքան հոյակապ կերպով ժողովուրդիդ նուիրելու համար:

Ամուր եւ հաստատ կերպով խարսխուած ազգայինին վրայ` լայն եւ ընդարձակ մտահորիզոնով ընդգրկեց համաշխարհայինն ու տիեզերականը: Զաւէն քանդակեց մարմարը` գիծերու հոյակապ համաչափութեամբ եւ ստեղծեց  իր գլուխ գործոցները` անուանելով զանոնք  տիեզերքի յաւերժական ճամբորդներ` «Ատոնիս», «Ասթարթէ», «Մարդը տիեզերքի մէջ», «Տիեզերքի բանտարկեալ»-ը, «Սէր, բարեկամութիւն» ու  քարին տուաւ հեզաճկուն կնոջ մը շարժուձեւերու չաւարտող ու հոգիին խորքը թափանցող թրթիռներու մարմարակերտ համանուագ մը:

Զաւէն, տիեզերքի խորհուրդով հմայուած, անոր գիծերու թելադրականութեամբ ստեղծագործող ու միշտ դէպի երկինք խոյացող մարմարներ քանդակող արուեստագէտը եղաւ եւ հիմնեց քանդակագործութեան արուեստի նոր դպրոցը:

***

Զաւէնին մէջ հայը խռովք էր, ժառանգած` իր ծնողքէն, ընտանիքէն, անոնց յիշողութեան մէջ ողողուած կոտորածի արեան սարսափէն, բայց  անով դարձած էր ուժեղ ու հարուստ, որ իր տաղանդով կոչուեցաւ ծանր պատասխանատուութեան` ըլլալ անդառնալիօրէն  ամուր հայ եւ մուրճի հարուածներով քանդակել իր ազգին տառապանքը:

Զաւէն, երբ Սահակեան դպրոցը կ՛աւարտէ, կ՛անցնի Ճեմարան, որ ժամանակ մը ետք կը թողու ու կը մեկնի Փարիզ, Ֆրանսա, արուեստի դպրոցին մէջ շարունակելու իր մասնագիտութիւնը` քանդակագործութիւն: Ի հարկէ, հակառակ հօրը զայրոյթին, թէ` «չամուրի  (ցեխ-կաւ) հետ խաղալով ի՛նչ մարդ պիտի ըլլաս» ու նաեւ տեսած ըլլալով Զաւէնի մերկ կիներու ուրուագիծերը` գայթակղութիւնն ու բարկութիւնը անսահման եղած են: Առտու մը Զաւէն կ՛արթննայ եւ իր աշխատասենեակը կ՛ուղղուի` շարունակելու մերկ  կնոջ մը արձանը, որ ամբողջացնելու վրայ է, եւ… արձանը` կը գտնէ սաւանով ծածկուած եւ ամրացուած. հայրն էր, փաթթած էր արձանը` ամօթը ծածկելու համար: Մերկ կնոջ մը մէջ ի՞նչն էր արուեստը: Խտըշեան ընտանիք հարս երթալէ ետք իմացայ, թէ ի՜նչ գնով Զաւէն յաջողած է հօրը, ընտանիքին եւ հարազատներուն կամքին հակառակ` իր որոշումին վրայ մնալ:

1958-ին, Փարիզի Արուեստի դպրոցէն վկայուած,  տուն դարձի  ճամբուն, օդանաւին տոմսը կը կտրէ Պոլիսի վրայով` առանց սակայն տնեցիները տեղեակ պահելու: Կը հասնի Պոլիս, կ՛առնէ  շոգեկառքը եւ կ՛ուղղուի դէպի  Թոմարզա`  փնտռելու իր ծնողքին տունը, տեսնելու  Թոմարզան եւ մանաւանդ` տեսնելու հօրը նկարագրած ձիւնածածկ ու ամեհի Արճիաս լեռը (Արգէոս):  Այնքան տպաւորուած ու հմայուած` հօրը նկարագրութիւններով, որ Զաւէն չ՛անդրադառնար առած քայլին  վտանգի տարողութեան, երիտասարդ, հազիւ 26-27 տարեկան, կասկածելի թուելու եւ մանաւանդ առանձին ըլլալու հանգամանքին: Իրիկունով կը հասնի Թոմարզա, կը գտնէ պանդոկ  մը  եւ կը մտնէ ու խորունկ կը քնանայ` յոգնած ու սպառած:  Առաւօտ կանուխ կ՛արթննայ եւ առաջին բանը, որ կ՛ընէ, կը բանայ պատուհանը, բնութիւնը, Թոմարզան եւ Արճիասը լոյս աչքով տեսնելու, եւ, ի՜նչ հրաշք, Արճիաս լեռը` հսկայ, ճիշդ դէմը, կանգնած, կարծես պատուհանէն ներս պիտի մտնէ. հիացած, ուրախ ու խանդավառ կ՛ելլէ դուրս, կը պտտի, հարց կու տայ  ճամբեզրին նստած մարդոց, թէ կը ճանչնայի՞ն, եւ կու տայ հօրը, հօրեղբօրը անունները, մեծ հօրը անունը եւ իրենց ընտանիքին կապուած մակդիրները.  տղամարդիկը, կասկածամիտ ու վերապահ, չեն պատասխաներ, տարիքոտ կին մը, սակայն, կը մօտենայ ու կ՛առնէ զինք, կը տանի իր նկարագրած տունը. ճիշդ հօրը նկարագրած տունն է` իրենց տունը, հօրը պապենական տունը,  ուր տակաւին ողջ մնացած են քանի մը կարասներ, գետինը փորուած, անկասկած` ոսկի փնտռելու համար. Զաւէն կը յուզուի, աչքերը կը լեցուին, գետինը կը նստի ու կ՛արտասուէ:  Տարիքոտ կինը կը մօտենայ եւ «այս շուներուն քով ի՞նչ գործ ունիս, եաւրո՛ւմ, վայրկեան առաջ գնա՛»,  կը փսփսայ հայերէնով: Զաւէն կը ցնցուի, սակայն անակնկալ մը չէր նման յայտնութիւն մը, կը սպասէր անպայման թրքացած հայու մը հանդիպիլ, կոտորածէն ճողոպրած` իսլամացած հայ մը. Զաւէն չի հարցուփորձեր, դանդաղ ու տրտում դուրս կ՛ելլէ: Կը շարունակէ ճամբան Թոմարզայի վանքը գտնելու միտումով: Ճամբուն վրայ ծերունի մը կողովով խաղող կը ծախէ, Զաւէն կը մօտենայ ողկոյզ մը կը վերցնէ եւ կը հանէ դրամը` վճարելու, ծերունին թրքերէնով կը մերժէ ու` «քու պարտէզէդ կերածի պէս կեր, եաւրո՛ւմ, քու պապերուդ խաղողներն են», կ՛ըսէ. Զաւէն սարսուռ մը կ՛ապրի, վախ մը, դահիճի որջին մէջ գտնուած ըլլալո՞ւն, ո՜վ գիտէ:

Կը հարցնէ, թէ ո՛ր կողմն էր վանքը, փողոցի լաճերը զինք կ՛առաջնորդեն դէպի հոն, հեռուէն արդէն կը նշմարէ կիսափուլ ու աւերակուած Թոմարզայի  վանքը: Հսկայ եւ գեղեցիկ պատերը նկարազարդուած, գմբէթը բարձր, այժմ վերածուած է ախոռի. կը դիտէ նկարազարդուած պատերը, կը դիտէ կենդանիները եւ յարդի կապոցները, աւերուած ու սրբապղծուած վանքը, սրտաբեկ ու խոցուած  սրտով կը վերադառնայ պանդոկ:

Երբ կը հասնի պանդոկ, ոստիկանութիւնը զինք կը սպասէ. արդէն տարածուած է, որ օտարական մը շրջանը կ՛այցելէ. կ՛առնեն ու կը տանին ոստիկանատուն, երկար բարակ կը հարցաքննեն. «Ինչո՞ւ եկած ես», «Ի՞նչ կը փնտռես, հօրդ ոսկիները տանելո՞ւ եկած ես» եւ այլն, երբ  հարցաքննութիւնը կ՛աւարտի, կը սպասցնեն աւելի քան մը ժամ եւս, բայց կասկածելի ոչինչ գտնելով, ազատ կը թողուն` թելադրելով անմիջապէս շոգեկառքը առնել եւ վերադառնալ Պոլիս ու անկէ` իր երկիրը:

Ահա, այդպէս, տասնամեակներ ետք իր  պապենական տունն ու հողին կարօտով այցելու տանտէրը,  քանի մը օրով իր հօրը աչքերով դիտելու եւ կարօտի յիշատակներով տուայտող ծերունի հօրը պատկեր մը անգամ տանելու կարելիութենէն զրկուած` կրկին անգամ կը վտարուի իր տունէն ու հողէն:

Այսօր աւելի քան յիսուն տարիներ ետք նման  որոշում մը որքա՜ն սարսուռ կը պատճառէ, ու կը մտածեմ` ի՜նչ քաջութիւն պէտք է ունեցած ըլլայ Զաւէնը` նման քայլ մը առած ըլլալու համար, այդ ալ` ասկէ յիսուն տարի առաջ:

Զաւէնն է իր տարօրինակութիւններով…

Զաւէն հրաշալի պատմող մըն էր, սրամտութիւններով համեմուած նկարագրութիւններ` մարդոց ներքին հոգեվիճակները զգացող ու զանոնք մեկնաբանող  մանրամասնութիւններով, որոնք  պատմութիւնները կը վերածէին իսկական թատերական ներկայացումներու:

Ի՛նք պիտի խօսէր բոլորէն աւելի, ի՛նք պիտի պատմէր, պիտի լռեցնէր բոլոր միջամտողները, որովհետեւ ի՛նք գիտէր այս կամ այն պատմութեան հետ կապուած նիւթական, սիրային, բարոյական եւ հոգեբանական եղելութիւններն ու իրադարձութիւնները, դէպքերուն առնչուած ներքին ծալքերն ու անոնց հետ կապուած յարակից պատմութիւնները: Ինք կը ճանչնար իր հերոսները իր տասը մատներուն պէս, անոնց նկարագրին հետ կապուած սիրոյ, նախանձի, փառասիրութեանց եւ մարդկայնութեան բոլոր երանգները, անոնց խօսելաձեւին, ձայնի առոգանութեանց եւ լեզուական թերութիւններուն, այնքան ուշագրաւ դարձնելով իր պատումները, որոնք ընդհանրապէս փակագիծներ բանալով` աւելի կը սրէին հետաքրքրութիւնները:

Պատմելաոճ մը, որ յատուկ էր միայն Զաւէնին: Եւ զարմանալին այն էր, որ միեւնոյն պատմութիւնը կը պատմէր բազմաթիւ անգամներ, եւ ամէն անգամ ալ կը լսէինք դէպքը նոր պատահածի պէս, թարմ, աւելի ախորժակով ու խանդավառ, աւելի համեմուած ու  մանաւանդ` բարձր ու թաւ ձայնով. իր ականջները լաւ չէին լսեր, եւ ուրեմն` պատճառ մը, որ գրեթէ պոռալով խօսէր` գեղարուեստական վայելքի պահեր ստեղծելով իր շրջապատին:

Ուրախ մարդ էր Զաւէն, եւ չարամտութիւն չկար իր պատմածներուն ետին, որքան ալ որ դիպուկ կերպով անձնական կեանքի վերաբերող դրուագներ էին անոնք:

Զաւէնին հերոսները քանիներ էին, որոնք մնացին իր հերոսապատումներուն առանցքային զոհերը, Փոլը` Կիրակոսեան, Թորոսը` Տէր Յակոբեան, Տիւշեսը, եւ Տիգրանը` Դամիրեան: Այս մարդիկը հազիւ թէ տեսած կամ ճանչցած ըլլայինք, սակայն այնքան յստակօրէն տեսանելի ու թափանցիկ էին մեզի իրենց մարդկային երեսներով, որովհետեւ Զաւէն յաջողած էր սքանչելի գրական գոհարներու վերածել զանոնք իր պատումներով: Ափսո՜ս, որ օրին այդ պատմութիւնները չենք արձանագրած` նոյնքան արժէքաւոր այս արուեստագէտներու մասին վկայութիւնները պահելու համար:

Երբ իր զոհերուն մասին  խաչակրութիւնը աւարտէր, կը սկսէր Վան Կոկի հանդէպ ունեցած հիացմունքին մասին խօսիլ, կը պատմէր անոնց կեանքէն, Միքայել Անճելոյի Դաւիթի արձանին կատարելութեան, Ռուպենզի արուեստի խորութեան. անվերջ էին Զաւէնին արուեստի աշխարհի նկարագրութիւններն ու տեղեկութիւնները, որովհետեւ հարուստ ու ընդարձակ էր իր գիտութիւնը արուեստի աշխարհի մասին: Հիանալի յիշողութեամբ եւ մանրամասնութեամբ կը վերարտադրէր իր  գիտութիւնը:

***

Զաւէն ոգեկան թափառաշրջիկ մըն էր աշխարհահայեացքով ու մտածելակերպով, իր ներաշխարհի թելադրականութեամբ  թափառական մը` ծարաւ` տեսնելու, շօշափելու եւ ճանչնալու աշխարհը, տիեզերքը ու նաեւ իսկական տերվիշ մը` իր կենցաղով: Թերեւս մէկ անգամ միայն փողկապ կապած ըլլար, այդ ալ` իր ամուսնութեան օրը: Ամբողջ կեանքը անցուց  պարզ ու համեստ կենցաղով, չէր սիրեր պաշտօնականութիւնը եւ կոկիկ չէր կրնար ըլլալ,  որովհետեւ իր մտածումները կը գործադրուէին, երբ մտքին մէջ պատկերը յղացած ըլլար, իր աշխատանոցը հիւրասենեակէն դուռով մը միայն կը բաժնուէր եւ ուրեմն մնայուն աշխատանքի իրավիճակին ու մթնոլորտին մէջն էր:

Ամառ թէ ձմեռ` միեւնոյն վերարկուով էր, վերարկուն առած էր իր մարմնին ձեւը, տաբատին արդուկը` շատոնց անհետացած, կը հագուէր միշտ ճերմակ շապիկ մը եւ կուրծքի վերի երկու կոճակները բաց:

Փետրուարեան ցուրտ կիրակի մըն էր, Զաւէն ամիսը մէկ-երկու կիրակի երեկոները կը հանդիպէր մեզի, եւ մինչեւ ուշ գիշեր կը զուարճանայինք իր պատմութիւններով. կրկին հանդիպած էր, բազկաթոռին վրայ սովորականին պէս ինքզինք նետեց եւ` «Էս օր շատ պաղ է», ըսաւ: Երբ տան մէջ օտար հիւրեր չըլլային,  իրարու հետ Թոմարզայի բարբառով կը խօսէինք: Նստաւ` առանց վերարկուն հանելու, ըստ իր սովորութեան: Հազիւ նստաւ, ուշադրութիւնս գրաւեց տաբատը… Աջ ոտքին ներսի կողմէն կարը ամբողջութեամբ քակուած ու մերկ սրունքը  կը ցուցադրուէր, եւ  տաբատը դրօշակի պէս կը ծածանէր:

«Զաւէ՜ն, այս ի՜նչ հագուած ես», ըսի ու սկսայ բարձրաձայն խնդալ: Նայեցաւ ոտքերուն.

«Ամա՜ն, ես ալ կ՛ըսեմ այս պաղ հովը ուրկէ կը փչէ», ինք ալ սկսաւ խնդալ, «աթըլիէի տաբատս  է, առանց փոխուելու եկեր եմ», հանեցինք տաբատը, հագուեցաւ Խաժակին գիշերազգեստը,  եւ սկսայ կարել:  Քիչ մը երկար տեւեց. «Սեդա՛,  եաւրո՛ւմ, թըրենի գիծ է, ի՜նչ է  կարածդ,  այսքան երկար տեւեց»…

Այդպէս էր Զաւէն, տերվիշ` իր աշխարհահայեացքով ու կենցաղով, անտարբեր` իր արտաքինին ու մարդոց նայուածքներուն, արհամարհոտ` փառքի ու պատիւի: Արուեստագէտն էր` կտրուած աշխարհէն, ժամանակէն, եւ իրականութենէն:  Գեղեցկութեան իւրայատուկ հասկացողութիւններով, յոյսի եւ յուսահատութեան, պաշտամունքի եւ ատելութեան, հիացմունքի ու շնականութեան զգացումներու` խրթին ու բարդ հանգոյցներով ինքզինք գերեվարած արուեստագէտը:

Տիեզերքի խորհուրդով հմայուած ու մանկացած, աշխարհը, մարդկութիւնն ու բնութիւնը հասկնալու եւ մեկնելու իր իւրայատուկ ընկալումներով արուեստագէտն էր Զաւէն: Ու գնաց ձուլուելու այդ խորհուրդին գաղտնիքով հմայուած մարդոց հոյլին, որոնք ամբողջ կեանքով  փորձեցին իմանալ գէթ մէկ երեւոյթը համագոյքին ու անհետացան` անոր մէջ յաւերժացնելով տիեզերքի խորհուրդն ու գաղտնիքը:

Երթաս բարով, սիրելի՛ Զաւէն, յաւերժի՛ ճամբորդ:

17 սեպտեմբեր 2018

 

Անդրադարձ. Կանաչ Լոյսն Ու Թրամփեան Այլ Կեցուածքներ

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Իտլիպի մէջ ահաբեկիչներուն կարելի է վերջ տալ` քաղաքայիններու շարքերուն մէջ նուազագոյն կորուստներով: Ան ըսաւ, թէ Փոմփէոյին եւ Պոլթընին հրամայած է միլիոնաւոր քաղաքային զոհերու արձանագրումը չարտօնել` ընդգծելով. «Ատիկա չի նշանակեր, թէ սուրիական բանակը չի կրնար զգուշ կերպով վարուիլ, այդտեղ մուտք գործել եւ ահաբեկիչներուն նկատմամբ պէտք եղածը կատարել»: Այլ խօսքով` ան Դամասկոսի եւ անոր դաշնակիցներուն «կանաչ լոյս» տուաւ այդպիսի գործողութիւն մը շղթայազերծելու:

Իտլիպի կացութեան եւ սուրիական բանակի այդտեղ գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ մեծ գործողութիւն շղթայազերծելու մասին լրատուամիջոցներէն տեղեկացած Թրամփ վստահաբար տեղեակ է նաեւ Իտլիպի հարցով Ռուսիա-Թուրքիա համաձայնութենէն, սակայն իր դժգոհութիւնը մատնող քայլով մը այնպէս կը խօսի, կարծէք այդ համաձայնութիւնը գոյութիւն չունի: Ի վերջոյ, Թուրքիա-Ռուսիա համաձայնութիւնն էր, որ կանխարգիլեց Թրամփի մտավախութիւնը` «քաղաքայիններու շարքերուն մէջ մեծ կորուստներու արձանագրումը»: Սակայն ահա, ան կը գնահատէ Իտլիպի մէջ բազմաթիւ զոհերու արձանագրուելուն կանխարգիլման մէջ Իրանի, Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ` «հակաարեւմտեան» երկիրներու դերակատարութիւնը, սակայն իր գնահատանքին արժանի երկիրներու այդ ցանկէն դուրս կը ձգէ Թուրքիան` իր ՕԹԱՆ-եան դաշնակիցը: Երեւոյթ մը, որ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակին խօսուն վկան է:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը գիտակցի, որ այդ համաձայնութիւնը ժամանակաւոր է, եւ սուրիական բանակը ի վերջոյ «այդտեղ մուտք պիտի գործէ եւ ահաբեկիչներուն նկատմամբ պէտք եղածը պիտի կատարէ»: Ան իր մամլոյ ասուլիսով իր համամտութիւնը կը յայտնէ Իտլիպի մէջ սուրիական բանակի գործողութեան շղթայազերծման նկատմամբ, սակայն պայմանով, որ ատոր ընթացքին մեծաթիւ քաղաքայիններ չսպաննուին, որպէսզի աղմուկ չբարձրացուի եւ իր «գլուխը չցաւի»:

Միւս կողմէ, Թրամփ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց, որ երկու տարուան մէջ ինք աւելին ըրած է, քան զինք նախորդող բոլոր ամերիկացի նախագահները: Ներկաները այդ ծիծաղելի խօսքը լսելով բնականաբար ծիծաղեցան, սակայն ըստ Թրամփի, անոնք իր վրայ չէին խնդար, այլ` իրեն հետ կը խնդային: Ուրեմն ի՞նք եւս այդ մեծամտութեան ծիծաղելիութեան կը գիտակցի… Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ռանըլտ Ռիկըն սովորութիւն ունէր սրամիտ անեկդոտներ պատմելու: Թերեւս Թրամփ եւս կը փորձէր նոյնը կատարել, եւ համոզուած է, որ յաջողած է, ուստի կը կարծէ, թէ ներկաները իր վրայ չեն խնդացած, այլ` իրեն հետ:

Յամենայն դէպս, արար աշխարհը ծիծաղեցաւ աշխարհի միակ գերտէրութեան նախագահին վրայ, ճիշդ ինչպէս կը ծիծաղէր Լիպիոյ նախկին ղեկավար Մուամմար Քազզաֆիի այդ եւ այլ բեմերէ արտասանած խօսքերուն ընթացքին:

 

 

Ամէնէն Երկար Թռիչքը

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Հաւատացի արդարութեան արժէքին, քանի շատ անարդարութիւն տեսայ, երբ կը մեծնայի»:

Իմ աշխատանքային ասպարէզիս վերջին երեսուն տարիները, մինչեւ այսօր, եղած են ճամբորդութիւններով լեցուն: Եթէ ճամբորդութիւնները ընդգրկեցին աշխարհի տարբեր կողմերը` ներառելով թռիչքներ տարբեր ուղղութիւններով եւ ժամերով, բայց չէի կրնար պատկերացնել, որ նաեւ պիտի կատարէի ամէնէն երկար թռիչքը` ըստ վիճակագրական տուեալներու: Քաթարէն մինչեւ Նոր Զելանտա` աւելի քան տասնութ ժամ: Այս բոլոր ժամերը օդին մէջ վերածուած են տարբեր տարողութեամբ կեանքի մը, ապրուած վիճակի մը:

Նոր Զելանտա, օգոստոս 2018: Եթէ Ուէլինկթընը անոր մայրաքաղաքն է, բայց Օքլանտը անոր կարեւոր եւ խոշորագոյն քաղաքներէն է: Զելանտայի «նորը» եթէ պիտի ընդգրկէր նոր աշխարհի հասկացողութիւնը, բայց նոյնքան նաեւ` անոր բնութեան գեղեցկութիւնը, որ շնչահեղձ ընելու աստիճան կը գրաւէ ամբողջ էութիւնդ: Մէկ կողմէ անոր կանաչ եւ խիտ անտառները, բայց նաեւ` լեռներն ու ովկիանոսը: Տակաւին լիճերը` սփռուած տարբեր հովիտներու մէջ: Իւրաքանչիւր քայլափոխի պիտի կարենաս կանգ առնել եւ ըսել` «Այս որքա՜ն շատ գեղեցկութիւն` երկրի մը համար»:

Դէպի Նոր Զելանտա թռիչքը ամէնէն երկարն է, բայց կարծես այս երկարութի՞ւնը զինք հեռացուցած է մնացեալ աշխարհէն… Ստեղծելով ինք իր աշխա՞րհը… Ներկայ օրերու աշխարհի այս թոհուբոհին» մէջ կը զգաս, որ Նոր Զելանտան հեռու է այդ բոլորէն եւ տակաւին ներկայ աշխարհի «տակնուվրայութիւնները» չեն հասած հոն…

Բայց ի՛նչ խօսք, որ հայը հասած է հոն: Օքլանտ, Նոր Զելանտա:

Հրաւիրուած էի խօսելու հայկական գաղութին` օգոստոս 10-ին: Խնդրած էին ինձմէ, որ խօսիմ մշակութային արժէքներու եւ կենցաղի պահպանումի կարեւորութեան մասին: Զարմանալի չէր նիւթին ընտրութիւնը եւ մտահոգութիւնը: Նոյն հայուն սփիւռքեան ապրելու-վերապրելու մտահոգութիւն-մարտահրաւէ՞րը, այս անգամ Նոր Զելանտայի մէջ:

«Մօտաւորապէս երկու հարիւր եւ քսան հայ կը հաշուէ Նոր Զելանտայի գաղութը», Նուպար Եաղուպեանն է խօսողը: Նուպարը ճարտարապետ է եւ` Նոր Զելանտայի հայ ընկերակցութեան ատենապետը: Ընկերակցութիւնը ունի պետական ճանաչում եւ հիմնուած է որպէս բարեսիրական կազմակերպութիւն` 1996 թուականին: Հայութեան հարիւր եւ քսան անդամները կ՛ապրին Օքլանտի մէջ, իսկ մնացեալները` Ուէլինկթընի:

Նուպարը կու գայ Իրաքէն: Հայութեան մէկ կարեւոր մասը Իրաքէն հաստատուած է Նոր Զելանտա: Այս իմաստով, իրաքահայ գաղութին մէկ փոքր տարբերակն է, որ հիմնուած է, բայց այս անգամ` Նոր Զելանտայի մէջ: «Հայերը 1990  թուականներէն սկսեալ սկսան գալ այս նոր աշխարհը: Միակ երկիրն ու կարելիութիւնն էր, որ մեր առջեւը բացուեցաւ Իրաքէն դուրս գալու համար», ըսաւ Ռիմա Համբարձումեանը, որ բժշկագիտական տարրալուծարանի մէջ կ՛աշխատի: Զարմանալի չէ Իրաքէն այս հոսքը դէպի Նոր Զելանտա: Յակոբ Եըլտըզեանը այս իրականութեան տուաւ քիչ մը կատակ-նշմար մը: «Շնորհակալ ենք Սատտամէն, որ պատճառ եղաւ բոլորիս այս գեղեցիկ երկիրը հաստատուելու»: Բայց Յակոբին կատակ- տրամադրութեան մէջ կար նաեւ կարօտը եւ անոր զգացումը: «Իրաքը իմ տունս է, ես հոն ծնայ: Իրաք յարգեց մեզ` հայերս, եւ առիթը տուաւ կառուցելու մեր կեանքերը` եկեղեցի, դպրոց ու տակաւին…», ըսաւ Յակոբ: «Բայց երեւի ասկէ ետք պէտք է լուրջ կերպով մտածել, թէ ո՛ւր պէտք է ծախսել մեր գաղութին կեանքերը շինելու համար: Հոն, ուր պիտի մնա՞նք… Բայց ո՞ւր պիտի մնանք», եզրափակեց Յակոբ:

Հայուն սփիւռքեան կեանքին մէկ մեծ որոշում-մարտահրաւէ՞րը. «Ո՞ւր պիտի մնալ ու ապրիլ»:

Հերմիկ Սուքիասեանը եկած է Պարսկաստանէն: 1979 թուականին հաստատուած է նախ Միացեալ Նահանգներ, որմէ ետք` Նոր Զելանտա: «Ամուսինս  չկրցաւ Ամերիկայի կեանքին ընտելանալ», ըսաւ Հերմիկ: Այս իմաստով, ընտանիքը մնացած է բաժնուած` սփիւռքեան այս իրականութեան մէջ: Հերմիկին տղան նախընտրած է մնալ Ամերիկա, իսկ իրենք եկած են Նոր Զելանտա: Սփիւռքեան նոր կեանքի համար մղուած պայքարը այնքան ալ դիւրին չէ: Երեւի սփիւռքեան կեանքերը ընտանիք միացնող չեն ալ: Մնացած է հայկական գաղութը որպէս միացնող օղակ: «Գաղութը պզտիկ է, բայց մեզ իրար կը միացնէ», ըսաւ Հերմիկ` քիչ մը քաջալերուած:

Ռիման ալ համաձայն է այս իրականութեան հետ: «Հայութիւնը արմատ է ինծի համար: Ասիկա իմ կեանքիս համար հպարտութիւն է: Գաղութի կեանքին այս կապուածութիւնը մեր հայութիւնը կը պահէ», եզրափակեց Ռիման:

Նոր Զելանտայի կառավարութիւնը նախանձախնդիր է, որ փոքրամասնութիւններ իրենց մայրենին պահպանեն այս երկրին մէջ: Այս իմաստով, կառավարութիւնը ամէն միջոց կ՛ընծայէ, որպէսզի փոքրամասնութիւնները «տոկան» եւ «գոյատեւեն» իրենց ինքնութեան մէջ: «Հայաստանէն ապսպրեցինք եւ շուտով պիտի ղրկեն յուշակոթող մը, ուր մեր այբուբենը զետեղուած է, եւ որ պիտի տեղադրենք գաղութային այս կեդրոնին մէջ», ըսաւ Նուպարը` ցոյց տալով այն հողաշերտը, որ տրամադրուած է հայկական ընկերակցութեան, որպէսզի զետեղեն յուշակոթողը, եւ որպէսզի հայը «տոկայ» եւ շարունակէ «գոյատեւել»…

Բայց առկայ էին նաեւ հայն ու հայկականութիւնը` ոչ հայկական շրջանակի մէջ:

Չորեքշաբթի, 15 օգոստոսին պէտք էր խօսէի Միջին Արեւելքի եւ Ծոցի տարածաշրջաններուն մէջ քրիստոնէական ներկայութեան եւ Աստուածաշունչի առաքելութեան մասին: Մայրաքաղաք Ուէլինկթընի տեղական եկեղեցիի մը սրահին մէջ հաւաքուած էր հոծ բազմութիւն մը: Հետաքրքրական էր, որ եկեղեցիին սրահը զարդարուած էր աշխարհի տարբեր երկիրներու դրօշակներով` նկատի ունենալով, որ այդ շաբաթը յատկացուած էր «Միջազգային օրուան» յատուկ տօնախմբութիւններու համար:

Բայց նախ անհրաժեշտ տեսայ խօսիլ ինքնութեանս եւ հայուն պատմութեան մասին` անցնելով Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն, հասնելու համար այն իրականութեան, թէ ինչո՛ւ ես Պէյրութ ծնած եմ:

Չեմ գիտեր, թէ զուգադիպութի՞ւն էր, թէ՞ ոչ, բայց Նոր Զելանտա այցելութիւնս զուգադիպեցաւ նոր մէջտեղ եկած Հայ դատի յանձնախումբի ձեռնարկներուն, որ պիտի փորձէր Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւ մը յղել խորհրդարան` առ ի վաւերացում: Եւ այս իմաստով, բաւական բան սկսած է խօսուիլ Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեղական մամուլին մէջ: Կ՛երեւի` իմ ներկայութիւնս ալ հաստատեց իրողականութիւնը… Որպէս վերապրո՞ղ ու վկայութի՞ւն…

Դասախօսութենէն ետք միջին տարիքի մարդ մը մօտեցաւ ինծի: Ան նախ շնորհաւորեց ելոյթս եւ ինքզինք ներկայացուց` ըսելով. «Իմ անունս Նիքոլա Փափատափուլօ է»: Դժուար չեղաւ ենթադրել եւ կամ կռահել, որ ան յունական արմատ ունի: Բայց երեւի պէտք էր սպասէի անակնկալին…

«Ես հայ եմ,- ըսաւ Նիքոլա,- իմ մեծ հայրս Փափազեան եղած է եւ Ցեղասպանութեան ժամանակ հազիւ փրկուած է ստոյգ մահէ: Ուզած է կեանքը փրկել եւ ամուսնացած է յոյն-կիպրացիի մը հետ եւ մականունը փոխած` Փափատափուլոյի»։ Նիքոլա շարունակեց պատմել իր պատմութիւնը. «Ես իմ ընտանիքիս եւ Ցեղասպանութեան ահաւորութեան մասին լսեցի միայն իմ հօրմէս եւ մինչեւ այսօր կը փափաքիմ աւելին գիտնալ իմ արմատներուս մասին»: Եթէ Նիքոլայի դէմքին վրայ կար յուզում, բայց նոյնքան` ինքնագիտակցութիւն: «Ցեղասպանութիւնը ահաւոր բան է, եւ տեղ մը եկաւ, որ այլեւս չկրցայ կարդալ ու լսել անոր մասին: Հոգիս չկրցաւ վերցնել այդ ամբողջ դժբախտութիւնը,- ըսաւ ան:- Բայց հիմա ամէն գնով կ՛աջակցիմ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումի բանաձեւը ընդունուի մեր խորհրդարանին մէջ», եզրափակեց Նիքոլա:

Եթէ մէկ կողմէ մեծ անակնկալ էր, որ չէի կրնար պատկերացնել, թէ պիտի հանդիպէի Նիքոլա անունով հայու մը ոչ հայկական այս շրջանակին մէջ, բայց միւս կողմէ` երբեք զարմացած չէի: Վերջապէս «կորսուած» եւ կամ «թաքնուած» հայե՞ր, որոնց շարունակականութիւնը կրնայ հասնիլ եղեր մինչեւ Նոր Զելանտա: Բայց «կորսուած» եւ կամ «թաքնուած» այդ վիճակներուն մէջ եւ մէջէն կայ ինքնութեան եւ արմատներուն կանչը: Բայց նաեւ` գիտակցութիւնը եւ անոր արթնութիւնը: Ու տակաւին` «կորսուածը» վերագտնելու արժէքը:

Նիքոլան ուզեց, որ ունենանք յիշատակի նկար մը: Ինք որոշեց, թէ ո՛ւր պէտք է նկարուինք նոյն այդ եկեղեցիի սրահին մէջ: «Հո՛ն, այդ խաչին քով, որուն տակ կայ թրքական դրօշակը,- ըսաւ Նիքոլան: –  Թուրքը պէտք է այս խաչին քով գայ եւ զղջայ իր գործած բոլոր ոճիրներուն համար: Եւ այս նկարն ալ մեր հանդիպման յիշատակը, բայց նաեւ պայքարը թող ըլլայ»:

«Հաւատացի արդարութեան արժէքին, քանի շատ անարդարութիւն տեսայ, երբ կը մեծնայի»: Հուրի Եըլտըզեանը երիտասարդ փաստաբան մըն է, որ հազիւ վեց տարեկան հասակին ծնողքին հետ Իրաքէն փոխադրուած է Նոր Զելանտա: Արդարութիւնը սիրելով եւ կառչելով այդ արժէքին հասնելու գիտակցութեան` ան ընտրած է մասնագիտութիւն մը այդ մէկը իրականացնելու համար: Բայց Հուրին կը հաւատայ նաեւ իր ժողովուրդին արդարութեանը հասնելու գիտակցութեան: Ան անդամ է Նոր Զելանտայի նոր կազմուած Հայ դատի յանձնախումբին, որ տենդագին աշխատանքի լծուած է Ցեղասպանութեան ճանաչումի բանաձեւը խորհրդարանի կողմէ վաւերացնելու համար: «Չենք ուզեր շատ արագ շարժիլ, որ բանաձեւը չմերժուի,- ըսաւ Հուրի: – Ժամանակ կու տանք, որպէսզի պէտք եղած աշխատանքները տանինք եւ, ըստ պատշաճի, գետին պատրաստենք յաջողցնելու համար»:

Հուրին եւ իր գործընկերները կ՛աշխատին տեղական կուսակցութիւններու հետ միատեղ` հասցնելու համար Ցեղասպանութեան բանաձեւը խորհրդարան: «Հպարտ եմ իմ հայկական ինքնութեամբս եւ այդ կը պարտիմ իմ ծնողներուս, որոնք զիս հայ մեծցուցին: Ես կ՛ուզեմ յարգել իմ ծնողներուս դաստիարակութիւնը», ըսաւ Հուրի:

Հուրին նաեւ եղած է Հայաստան: «Երկու տարի ալ սիրողական գործ ըրի հայրենիքին մէջ եւ, այս իմաստով, շատ կապուեցայ երկրին: Հիմա հպարտօրէն կ՛ուզեմ ըսել, որ հայ եմ»:

Թէեւ ամէնէն երկար թռիչքին ձեռնարկեցի, բայց ատիկա երբեք հեռու չթուեցաւ, քանի որ հանդիպեցայ հայերու, որոնք հպարտօրէն կառչած են իրենց արմատներուն եւ ինքնութեան: Բայց նաեւ կ՛ուզեն իրենց հպարտ ինքնութիւնը հասցնել իր արժանի արդարութեան…

Ամէնէն երկար թռիչքը… Բայց այդ թռիչքը շատ կարճ եղաւ ինծի համար: Շա՛տ կարճ, որովհետեւ կար հայուն միացնող օղակը…

Եւ հայուն միացնող օղակը նոյնինքն հայուն ազգային հպարտութիւնը եւ պահանջատիրութեան արդարութիւնն է: Եւ ուր ամէնէն երկար թռիչքը կը վերածուի ամէնէն մօտին…

 

 

Մեր Ազգային Կեանքի Որակական Բարեփոխման Ի Խնդիր

$
0
0

ՄԱՐՏԻԿ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի հայութեան պարզած վիճակը եւ յատկապէս վերջին տարիներու Սուրիոյ պատերազմին պատճառով սուրիահայութեան պարզած պատկերը բոլորիս ծանօթ է:

Այս կացութիւնը եւ անոր հետեւանքները աւելի քան մտահոգիչ են, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ երկար տարիներ Հայ դատի հետապնդման պայքարին մէջ առանցքային ի՛նչ կարեւորութիւն տուած ենք Միջին Արեւելքի հայկական համախումբ կեանքին: Մանաւանդ` Հայաստանի Հանրապետութեան ու բռնագրաւեալ հայկական տարածքներուն մերձ ըլլալու ազգային նշանակութեան:

Լիբանանահայութեան երբեմնի կենսունակ ու համախումբ վիճակը` տարբեր բնագաւառներու մէջ, ցաւցնող հարուածներ ստացած է եւ կը շարունակէ ստանալ:

Փորձենք քննական աչք նետել մեր կառոյցներու անցեալի եւ ներկայի վիճակներուն վրայ. համախումբ ապրելու աշխարհագրական ապրելակերպը ի՞նչ վիճակի մատնուած է այսօր: Բոլոր յարանուանութիւններու պատկանող  մեծ թիւով վարժարաններն ու ընդհանրապէս կրթական համակարգը ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնեն ներկայիս:

Մեր ազգային հասարակական կեանքի բաղկացուցիչ միութիւնները, մեր մշակութային, մարզական, բարեսիրական միութիւնները կը գտնուի՞ն արդեօք հոն, ուր պէտք է գտնուին:

Այո՛, ճիշդ է, որ մեր ապրած երկրին, այս պարագային` Լիբանանի քաղաքական ու տնտեսական պայմանները վատ ու յուսահատական վիճակի մէջ են. ճիշդ է, որ մենք կը դիմագրաւենք այնպիսի ընկերային ու քաղաքական ու տնտեսական պայմաններ, որոնց դէմ պայքարիլը մեր ուժերէն վեր կը նկատենք: Հետեւաբար այս տուեալներով ընդհանրապէս մեր ժողովուրդը կը մատնուի յուսահատութեան, ու շատեր իրենց ապահով ապագան կը տեսնեն այս երկրէն դուրս:

Բարեբախտաբար ոմանք Հայաստան կը ներգաղթեն` վերջին ամիսներուն հոն ստեղծուած դրական մթնոլորտին ի տես:

Այս կացութեան դիմաց արդեօք մենք ինչպէ՞ս կը դիմագրաւենք այս իրավիճակը, կրցա՞ծ ենք ուժերու գերագոյն լարումով, աշխատանքային ահազանգային ծրագրաւորումով, պայքարի համապարփակ ծրագիր մը մշակել` բազմերես ու մանաւանդ` իրագործելի: Ծրագիր մը, որ  առնչութիւն ունենայ մեր հասարակութիւնը մտահոգող կարեւոր դժուարութիւններուն հետ:

Այս տագնապներու դիմագրաւման համապարփակ ծրագիր մը, որ իր բնոյթով պէտք է ոչ միայն հակազդեցութիւններու օրէնքով ըլլայ, այլ ըլլայ նոր` ծրագրաւորումով ու նախաձեռնութիւններով:

Այս դժուարութիւններուն դէմ պայքարիլն ու համապատասխան լուծումներու հասնիլը կ՛ենթադրեն ուժական գօտեպնդում, հաւատքի ու յոյսի ամրապնդում, ապա նաեւ` ամբողջական վերանայում ու վերագնահատում մեր ազգային կեանքի չափի ու տարողութեան:

Առաջին. բոլորիս ծանօթ է, որ այս գաղութի չափը հիմնականօրէն եղած է իր կազմաւորման տարիներուն ու անոր յաջորդող տասնամեակներուն ունեցած թիւին, որակին ու կարողականութեան հիման վրայ: Հետեւաբար փաստ է, որ այսօրուան մեր իրականութիւնը այն չէ, ինչ որ էր նախորդ տասնամեակներուն. ուստի մեր առջեւ դրուած հրամայական խնդիր է մեր ուժերու, կառոյցներու, կեդրոններու, կրթական կառոյցներու տրամաբանական եւ այժմու մեր չափի համապատասխան վերադասաւորումն ու համակարգումը:

Երկրորդ. այս համակարգումը պէտք է որ ընդգրկէ  գաղութի բոլոր կողմերն ու շերտերը` յարանուանական, կուսակցական, մշակութային եւ կրթական մարզերը: Մեր ազգային կեանքի բոլոր հարցերուն նկատմամբ պէտք է որդեգրուի գործակցութեան ու ծրագրաւորումի ամբողջական ծրագիր:

Այս գաղութի գոյատեւման առումով, պերճանք ու անտեղի են ներհայկական մրցակցութիւնները:

Աւելի պարզ. յաճախ կը տագնապինք ու կ՛ափսոսանք օտար վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու հոսքին ի տես` առանց կարենալու կրթական բոլոր կողմերու մինչեւ այս իմաստով ամբողջական ծրագիր մը որդեգրել` թիրախ ունենալով հայ աշակերտը ներգրաւել հայ վարժարաններուն մէջ: Հակառակը, տարուէ տարի աւելի գահավէժ ընթացքով կը շարունակուի այս հոսքը այն աստիճան, որ օտար վարժարաններ հայ աշակերտները ներգրաւելու եւ թիրախ ընտրելու փոխարէն` կը փորձենք ներգրաւել հայկական այլ վարժարաններ յաճախողները` անհեթեթ ներքին  մրցակցութեամբ:

Երրորդ. մեր հանրային կեանքի կազմակերպման կամ աւելի ճիշդ վերակազմակերպման մէջ անհրաժեշտ ու անխուսափելիօրէն պէտք է մտնէ նոր ոճ, նաեւ` նոր ըմբռնումներ ու արդիւնաւէտութիւն: Այս գլխաւոր առաջարկներու հիմնական մղիչ ուժն ու հիմնական զսպանակը պէտք է ըլլայ որակաւոր ու առողջ երիտասարդութիւնը:

Մեր երիտասարդութեան մէջ քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք խոր հաւատք ունին եւ բաւարար ինքնավստահութիւն` ստեղծելու նոր վիճակ, տալու նոր որակ` մեր ազգային կեանքին առողջ վերակազմակերպման ի խնդիր: Քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք կը հաւատան մեր ժողովուրդին ներկային ու ապագային:

Մեր ժողովուրդին ու երիտասարդութեան մէջ գոյութիւն ունին բարեբախտաբար այն տղաքը, որոնք կրնան առանցքային դերակատարութիւն ունենալ մեր ազգային կեանքին մէջ, ուր տիրապետող կ՛ըլլան ազգային ու մարդկային արժէքներու հանդէպ հաւատքը, կորովը, որակը ու մեր կեանքի հանրային կեանքը այժմէական հարթակի բերելու կամքը, ուր տիրապետող կ՛ըլլան թափանցիկութիւնը, լրջութիւնը ու մշակութային բարձր մակարդակի միջավայր մը, ուր հնարաւոր կ՛ըլլայ կայացումը այն հայ անհատին, որ զերծ է զինք կաշկանդող ու ամլացնող կապանքներէն:

Պէտք չէ ուշանանք:

 

 

Վկայաբանութիւն Սուրբ Գէորգ Զօրավարի Եւ Նրանց, Ովքեր Նրա Հետ Նահատակուեցին (Ըստ Յայսմաւուրքի)

$
0
0

Գրաբարից թարգմանեց
ԱՆՆԱ ԿԻՇԻՆԵՒՍԿԱՅԱՆ
ՍԵԵՄ լրագրողական ակումբ

Ս. Գէորգը` Քրիստոսի քաջամարտիկ մարտիրոսը, արի նահատակը, մարտիրոսների պարծանքի թագը եւ Քրիստոսի յաղթող զօրականը, կապադովկացիների գաւառից էր, որ հայերը Գամիրք էին կոչում: Նրա անունը թարգմանւում է «մշակ», «հողագործ»: Նա մեծատուն ծնողների առաքինի զաւակ էր` ազատների եւ քաջերի ազգից: Ս. Գէորգը տարիքով երիտասարդ էր, վայելուչ էր հասակով եւ տեսքով գեղեցիկ: Լինելով արեւելեան զօրագնդի զօրավար` արիաբար յարատեւում էր Քրիստոսի հաւատքի մէջ:

Այն ժամանակ Դիոկղետիանոս ամբարիշտ արքան հրաման արձակեց դատել քրիստոնեաներին: Այդ պատճառով ատեանում նստեց ամբարիշտ դատաւոր Դատիանոսը` Նիկոմիդիա քաղաքից, եւ բոլոր քրիստոնեաներին, ում գտնում էր, չարաչար տանջում էր: Իսկ զօրեղ զինուորը` Քրիստոսի քաջ նահատակ Գէորգը, փայլում էր որպէս պայծառ աստղ ասպարէզում: Նա համարձակ եկաւ դատաւորի մօտ եւ ասաց. «Ես քրիստոնեայ եմ` Քրիստոսի ծառայ, եւ անարգում եմ ձեր կռապաշտ մոլորութիւնը»: Դատաւորը, տեսնելով նրա այսքան վայելուչ հասակն ու տեսքը, կանչեց նրան իր մօտ եւ ողոքական խօսքերով համոզում էր ուրանալ Քրիստոսին եւ զոհ մատուցել կուռքերին, խոստանում էր նրան բազում պարգեւներ: Իսկ Քրիստոսի սուրբ վկան արհամարհեց նրա խօսքերը եւ ասաց. «Ես քրիստոնեայ եմ եւ Քրիստոսի ծառայ»: Այն ժամանակ չէին դադարում ամէնքը Գէորգի քաղցրագեղ դէմքին նայելուց, եւ չէր ախորժում ականջը լսել ուրիշ բան, քան թէ` նրա քաղցրախօս բառերը, որոնցով անարգում էր նրանց կուռքերը եւ դաւանում էր Քրիստոս Աստծուն:

Այնժամ զօրականներից մէկը գեղարդով հարուած հասցրեց Գէորգի որովայնին, եւ թափուեց շատ արիւն: Սրբին տարան բանտ, կապեցին փայտին, եւ Տիրոջ հրեշտակը իջաւ նրա մօտ եւ բժշկեց նրա վէրքերը: Օրեր անց, հանելով բանտից, սրբին կրկին հարցաքննեցին, թէ կուրանա՞յ Քրիստոսին, եւ տեսան, որ  հաստատուն է Քրիստոսի հաւատի մէջ եւ անարգում է կուռքերին: Այն ժամանակ  պատրաստեցին մի փայտէ անիւ, շուրջանակի պատելով սուր սլաքներով, հագցրեցին այն Սուրբ Գէորգին եւ գլորեցին զառիվայր տեղով, որտեղ ամբողջ մարմինը սրբի կտրատուեց:

Տիրոջ հրեշտակը իջաւ երկնքից, ազատեց Ս. Գէորգին անիւից եւ բժշկեց նրա բոլոր վէրքերը: Տեսնելով դա` անհաւատները ամաչեցին, բայց վերցնելով տարան սրբին բանտ` մի այրի կնոջ տուն: Ս. Գէորգը նստեց տան սիւներից մէկի պատուանդանի մօտ, եւ նոյն ժամին սիւնը կանաչելով ծաղկեց եւ արմատացաւ, եւ տան տանիքի վրայ բարձրացաւ տասնհինգ կանգուն ունեցող ծառ: Ս. Գէորգը ասաց այրի կնոջը, թէ` «Քաղցած եմ, բեր ինձ հաց ուտելու»: Կինը պատասխանեց` «Իմ տանը հաց չկայ: Սուրբն ասաց.

– Ո՞ր աստծունն ես պաշտում:

Կինը պատասխանեց.
– Ապողոնին:

Սուրբն ասաց.
– Յիրաւի չունես հաց, որ Ապողոնին ես պաշտում:

Եւ կինը դուրս եկաւ տնից, որ հաց բերի սրբին: Նոյնժամ Ռափայէլ հրեշտակապետը դրեց սրբի առաջ բարիքներով լի սեղան, եւ նա կերաւ ու յագեցաւ` գոհութիւն յայտնելով Աստծուն: Երբ կինը եկաւ, տեսաւ բարիքներով լի սեղանը, կանաչած սիւնը եւ բարձրացած ծառը, ընկաւ սրբի ոտքերի մօտ, հաւատաց ի Քրիստոս ու ասաց.

– Ողորմի՛ր ինձ, ծառայ Աստծոյ Բարձրեալի: Կինը` վեր կենալով գնաց իր մառանը եւ բերեց սրբի առաջ  իննամեայ եւ իննամսեկան մի անդամալոյծ մանուկ, որին պահում էր այնտեղ: Բերելով մանկանը` դրեց սրբի ոտքերի մօտ, եւ նա դրոշմեց երեխային աստուածային նշանով: Իսկոյն բժշկուեց մանկան ամբողջ մարմինը` բացի ոտքերից: Սուրբն ասաց. «Պատշաճ ժամին ոտքերն էլ կը բժշկուեն` իմ խօսքերը կատարելու պահին»:

Ս. Գէորգը վեր կենալով` գնաց դատաւորների ատեանը եւ յանդիմանում էր նրանց կռապաշտ մոլորութիւնը: Նրանք ասում էին` «Ո՞վ է սա»: Սուրբը պատասխանեց.

– Ես եմ, Աստծոյ ծառան` Գէորգը, որ անիւով ձեր կողմից գլորուեցի եւ սրախողխող լինելով` կտրատուեցի: Ա՛րդ, տեսէք եւ ամաչէք, որովհետեւ իմ Տէր Աստուած Յիսուս Քրիստոսը, ողջացրեց ինձ եւ նորոգեց իմ կտրատուած անդամները: Եւ անհաւատներից շատերը հաւատացին ի Քրիստոս, որովհետեւ տեսել էին նրան մահացած անիւում եւ` կենդանացած:

Թագաւորի հրամանով բոլոր նորադարձ քրիստոնեաներին հանեցին քաղաքից դուրս եւ սպաննեցին: Ս. Գէորգի մասին լսեց նաեւ թագուհին` Ալեքսանդրիան եւ հաւատաց ի Քրիստոս, եկաւ, ընկաւ սուրբի ոտքերը` աղաչելով նրան սովորեցնել ճշմարտութեան հաւատքը:

Ս. Գէորգին գցեցին կրէ հորի մէջ եւ դրեցին նրա վրայ ծանր սայլ: Տիրոջ հրեշտակը պահեց նրան կրի մէջ անվնաս, որտեղ սուրբը թաղուած մնաց երեք օր: Նա դուրս եկաւ կրից` առանց վնասի, ինչի համար շատերը հաւատացին ի Քրիստոս: Այդ բանի մասին լսեց Ալեքսանդրիա թագուհին եւ ուրախութեամբ գոհացաւ Աստծուն իր ի Քրիստոս հաւատի համար: Ս. Գէորգին հագցրեցին երկաթէ կօշիկներ, մեխերով գամեցին դրանք ոտքերին եւ մանացնում էին նրան այսկողմ եւ այնկողմ, իսկ սուրբը չէր դադարում Աստծուն  փառք տալուց: Եւ ձայն եղաւ նրան երկնքից, որ ասում էր. «Զօրացի՛ր եւ քաջ եղիր, ծառա՛յ իմ Գէորգ, որովհետեւ Ես քեզ հետ եմ, դու կը լինես յայտնի բոլոր սուրբերին, ամբողջ երկրում»: Որովհետեւ ինչպէս Պետրոսը բոլոր սուրբ առաքեալների գլուխն է, այնպէս էլ Ս. Գէորգը գլուխն է բոլոր մարտիրոսների: Որովհետեւ երկու թագաւորների` Դիոկղետիանոսի եւ Մաքսիմիանոսի եւ եօթանասուն դատաւորների առջեւ եօթ ամիս վկայեց Քրիստոսի աստուածութիւնը եւ երեք անգամ մահացաւ կարծրագոյն տանջանքներից եւ դարձեալ կենդանացաւ եւ յարութիւն առաւ մեռելներից: Չորրորդ մահուամբ կատարելութեան հասաւ եւ հանգեց ի Քրիստոս:

Մինչդեռ դատաւորները նստած էին ատեանում, կային այն տեղում վաղ ժամանակներից մահացած մարդկանց շիրիմներ: Այնժամ ասաց Մագնետիոս դատաւորը. «Ո՜վ Գէորգիէ, կենդանացրու այս մահացածներին, եւ մենք կը հաւատանք քո Աստծուն»: Եւ սուրբը ծնկի գալով` սկսեց աղօթել: Այնժամ շարժուեց այդ տեղը, եւ հողը եռալով` երկրի երես հանեց ինը մարդ` չորս այր, երեք կին եւ երկու երեխայ: Դատաւորները կանչեցին յարուցեալ մարդկանցից մէկին եւ հարցրեցին, թէ քանի տարի է անցել ինչ մահացել էին: Յարուցեալը ասաց.

– Երկու հարիւր տարուց մի քիչ աւել կամ պակաս:

Նրան ասում են.
– Քրիստոս այն ժամանակ արդէն եկե՞լ էր, թէ՞ ոչ:

Մարդը պատասխանեց.
–  Ես չէի լսել Քրիստոսի մասին:

Նրան ասում են.
– Ապա ո՞ր աստծուն էիր պաշտում:

Մարդն ասաց.
– Չեմ յիշում:

Նրան ասում են.
– Բաւ է, ասա՛:

Եւ նա ասաց.
– Պիղծ Ապողոնին, որովհետեւ ովքեր նրան են պաշտում, յաւիտենական խաւարի եւ տանջանքների համար են դա անում:

Եւ ովքեր հարցաքննում էին, ամօթից լռեցին: Իսկ Ս. Գէորգը կանչեց իր մօտ յարութիւն առածներին եւ ասաց.
– Հաւատո՞ւմ էք Քրիստոս Աստծուն իմ, որ յարութիւն ձեզ տուեց մեռելներից եւ կենդանացրեց:

Նրանք ասում են.
– Հաւատում ենք քո Աստծուն, քաջ նահատակդ, ծառայ Աստծոյ, որովհետեւ Նա է միայն Աստուած:

Ս. Գէորգը հրամայեց մի քահանայի մկրտել նրանց եւ ուղարկեց Ադամի դրախտը, որ անմահ մնան եւ այն վայելեն մինչեւ Քրիստոսի գալուստը:

Եւ դարձեալ գցեցին սրբին բանտ: Հաւատացեալներից շատերը գալիս էին նրա մօտ, եւ սուրբը մխիթարում էր նրանց, փարատում` իրենց ցաւերը Քրիստոսի անուամբ: Գղերիկոս անունով մի մարդ վարում էր հողը երկու եզներով եւ մինչդեռ աշխատում էր, եզներից մէկը ընկաւ եւ սատկեց: Հողագործը, գալով սուրբ վկայի մօտ, աղաչեց նրան, որ կենդանացնի անասունին:

Սուրբն ասաց.
– Հաւատո՞ւմ ես Քրիստոսին:

Գղերիկոսը պատասխանեց.
– Հաւատո՛ւմ եմ, որ չկայ ուրիշ աստուած բացի Նրանից:

Սուրբն ասաց.
– Թող լինի քեզ ըստ քո հաւատի:

Գղերիկոսը գնաց եւ գտաւ եզին կենդանացած: Այդ բանի մասին լսեց դատաւորը, ուղարկեց դահճին, եւ Գղերիկոսին, սրախողխող անելով, կտրատեցին եւ սպաննեցին:

Շուտով սրբին, հանելով բանտից, տարան ատեան: Նա անվեհեր պատասխան էր տալիս, անարգում էր կուռքերին եւ դաւանում էր Քրիստոս Աստծուն: Դատաւորներից մէկն ասաց. «Գէորգիէ, տեսնո՞ւմ ես այս աթոռները, արդ, աղաչիր քո Աստծուն` տալ դրանց կանաչ տերեւներ, որ իմանանք, թէ որ ազգի ծառից են»: Սուրբը ծնրադրելով աղօթեց Աստծուն, եւ իսկոյն կանաչած եւ տերեւներով գեղազարդուած աթոռները ցոյց տուեցին, թէ ինչ ազգի ծառերից են պատրաստուած: Եւ ամէնքը զարմացած` փառք էին տալիս Աստծուն: Անատոլէ անունով մի զօրապետ իր զօրքով հաւատաց ի Քրիստոս: Եւ ովքեր ընդունում էին քրիստոնէութիւնը, բոլորը սպաննւում էին եւ իրենց արեամբ մկրտւում:

Դատիանոս դատաւորը ասաց Ս. Գէորգին.

– Իմ ձեռքից չես ազատուելու եւ չես ապրելու, եթէ զոհ չմատուցես կուռքերին, քանզի երկու զօրապետերին իրենց զօրքերով դարձրիր քո հաւատքի եւ կործանեցիր նրանց:

Գէորգն ասաց.

– Արի՛, ցոյց տուր քո կուռքերին, որ զոհ մատուցեմ: Այնժամ դատաւորները ուրախացան, աղմուկ բարձրացրեցին եւ ասում էին, թէ Գէորգը համաձայնուեց զոհել կուռքերին, աղաղակելով յայտարարում էին քաղաքի հրապարակում: Եւ ամբողջ քաղաքը գրոհելով ընթանում էր Ապողոնի տաճարը` տեսնելու համար Գէորգի զոհ մատուցելը: Այդ լուրը լսեց Ալեքսանդրիա թագուհին, նա ծեծում էր իրեն, ծուատում իր երեսը, պոկում էր մազերը եւ լալիս էր` մեծապէս ողբալով: Լսեց եւ այրի կինը, որն ունէր անդամալոյծ որդի: Նա վերցրեց իր որդուն եւ նստեց Ապողոնի տաճարը տանող ճանապարհին, որով պիտի անցնէր դատաւորը եւ նրա հետ Գէորգը: Այրի կինը լալիս էր եւ ծեծում էր իրեն: Գէորգը անցնելիս տեսաւ, որ կինը` գիրկն առած մանկանը, լալիս է եւ ասաց նրան. «Շտապեցրու մանկանդ, որ գայ ինձ հետ»: Իսկոյն ամրացան տղայի ազդրերն ու սրունքները եւ, իջնելով մօր գրկից, վազում եւ գնում էր սրբի առաջ բազմախուռն ամբոխում, մինչեւ տաճարի դուռը: Ս. Գէորգը ասաց տղային. «Մտիր եւ ասա բագինին. «Ո՛վ ամենապիղծ, ել արտաքս, առաջի Աստծոյ ծառայի»: Եւ տղան, մտնելով, ասաց այսպէս: Ապողոնի բագինը իսկոյն ընկաւ ու փշրուեց:

Դեւերը, ճիչ բարձրացնելով, աղաղակեցին եւ անյայտացան: Այնժամ բարկացաւ Դատիանոս դատաւորը եւ հրամայեց գլխատել սրբին: Մինչդեռ Ս. Գէորգին տանում էին գլխատման վայր, Ալեքսանդրիա թագուհին հասաւ այդտեղ, ընկաւ Ս. Գէորգի ոտքերը եւ ասաց. «Մի՛ թող ինձ, ծառայ Աստծոյ»: Սուրբը աղաչեց Աստծուն նրա համար, որպէսզի եւ նա վախճանուի Քրիստոսի համար բարի հաւատով: Դատաւորը հրամայեց, որպէսզի եւ թագուհուն սպաննեն: Հասնելով նահատակութեան տեղը` թագուհին տարածեց ձեռքերը երկինք եւ աղաչեց Աստծուն, եւ նախքան դահճի հարուածելը աւանդեց իր հոգին Աստծուն:

Ս. Գէորգը խնդրեց դահիճներին համբերել փոքր-ինչ, որպէսզի աղօթք անի Աստծուն, տարածեց ձեռքերը եւ ասաց. «Աստուած իմ, որ յաւիտեաններից առաջ ես, Քեզ յանձն եղայ ես հաւատովս եւ Քո վրայ յոյսս դրեցի իմ մանկութիւնից: Լսի՛ր ինձ, Տէ՛ր, եւ տուր շնորհ իմ անուան եւ ոսկորներին, որ ովքեր խնդրեն Քեզ իմ անունով եւ կանչեն ինձ օգնութեան իրենց նեղութիւնների մէջ, Դո՛ւ, Տէ՛ր, հասի՛ր արագապէս եւ փրկի՛ր նրանց որոգայթից: Պահի՛ր ամէն վաստակը եւ նրանց անասուններին եւ կատարի՛ր ի բարի նրանց խնդրուածքները: Իմ հոգին առաջնորդի՛ր Քո փառքի շաւղով` արդարների օթեւանը»: Այնժամ ձայն եղաւ նրան երկնքից եւ ասաց. «Ով որ կը խնդրի հաւատով յանուն քո, կը լինի, եւ կը տամ նրանց ամէն ինչ ըստ իրենց կամքի: Եւ դու արի՛, հանգստացի՛ր անանց ուրախութեան մէջ, որ պատրաստեցիր դու քեզ քո ճգնութեամբ: Եւ կը տամ քեզ զօրութիւն եւ իշխանութիւն բոլոր դեւերի եւ հիւանդութիւնների վրայ, եւ կը դարձնեմ քեզ անուանի բոլոր ազգերի մէջ, մինչեւ որ քո անունից կը հալածուեն դեւերը, եւ կը բուժուեն հիւանդները: Եւ ովքեր կը կատարեն քո յիշատակը եւ կը պատուեն քո նահատակութեան օրը, Ես կ՛օգնեմ նրանց իրենց նեղութիւնների մէջ եւ կը փրկեմ նրանց ամէն վտանգից եւ փորձութիւններից եւ կը պահեմ նրանց ամէն չար պատահարներից»:

Ս. Գէորգը գոհացաւ Աստծուց եւ ասաց դահիճներին. «Ահա կատարէ՛ք դատաւորից ձեզ հրամայուածը»: Եւ նրան գլխատեցին ապրիլի 23-ին (Այժմ Հայ եկեղեցին նշում է Ս. Գէորգի յիշատակի օրը սեպտեմբերի վերջին կիրակի օրը):

Ես` Պասիկրատեսս, Ս. Գէորգի ծառան, ամենեւին չհեռացայ նրանից, այլ սրբի մարտիրոսութեան ժամանակ նրա հետ էի եւ բոլոր նահատակութիւնները իմ աչքերով տեսայ եւ պատասխանները լսեցի, բոլոր հրաշքներին ականատես լինելով` ամէն ինչ ստուգութեամբ գրեցի` ի փառս Քրիստոսի Աստծոյ: Ամէն:

Կը պատմեմ մի ուրիշ հրաշք, որ եղաւ Ս. Գէորգի հետ: Քռանկաց երկրում ապրում էր մի մարդ` արդար, աստուածապաշտ եւ Աստծոյ հանդէպ երկիւղով լեցուն, նոյնպէս նրա կինը բարեպաշտ էր եւ բարի գործերով լի: Երկուսն էլ արդար էին եւ ողորմած, ընթանում էին Տիրոջ օրէնքներով անարատ վարքով, դարմանում էին աղքատներին եւ լիացնում կարօտեալներին: Քանի որ չունէին զաւակ, խնդրեցին դրա համար Աստծուն եւ Ս. Գէորգին ուխտելով, եւ Աստուած տուեց նրանց որդի: Դրա համար ուրախացան նրանք, ծախեցին իրենց ամբողջ ունեցուածքը եւ եկեղեցի կառուցեցին Ս. Գէորգի անունով` հոյակապ եւ վայելուչ: Տաճարի նաւակատիքի օրը խոյեր եւ հորթեր մատաղ արեցին եւ գիշերը պաշտամունքով հսկեցին: Օրհնեցին եկեղեցին, մկրտեցին իրենց որդուն եւ նրա անունը դրեցին Գէորգ: Ամէն տարի Ս. Գէորգի տօնի տարելիցին` ապրիլի 23-ին նշում էին սուրբի տօնը, ուրախացնում էին քահանաներին եւ աղքատներին կերակուրներով եւ ըմպելիքներով, նրանք ուրախանում էին եւ փառք տալիս Աստծուն: Այդպէս անում էին ամէն տարի, Ս. Գէորգ զօրավարի տօնին:

Այդ ժողովրդի եւ ունկռուզաց ազգի միջեւ թշնամութիւն եղաւ, եւ ասպատակելով` թշնամիները շատերի հետ միասին Գէորգ պատանուն գերեվարեցին` մեծ տրտմութիւն պատճառելով նրա ծնողներին: Ս. Գէորգի տօնի օրը աղքատները, հոգեւորականները, ոչ էլ Գէորգի բարեպաշտ ծնողները չէին ուրախանում եւ սուրբ տաճարում տօնախմբութիւն չեղաւ, քանզի Գէորգ պատանին գերութեան մէջ էր, իսկ նրա ծնողները` տրտմութեան եւ սգոյ: Աղքատները եւ քահանաները, որ սրբի տօնին միշտ ուրախանում էին, այն օրը անմխիթար, վարանելով սգի մէջ էին նստած եւ հոգոց էին հանում Գէորգ պատանու համար, թէ ո՞ւր է եւ ի՞նչ պատահեց նրան` իր ծնողների լաւութեան համար:

Այնպէս ստացուեց, որ պատանուն առեւանգող մարդը Ս. Գէորգի տօնի օրը հրամայեց տղային թերմոն եփել (լաւ եռացրած գինի) եւ յետոյ խմել: Մինչդեռ տղան գինի էր եփում, խորասուզուեց մտքերի մէջ եւ լաց էր լինում, թէ` «այսօր մեր եկեղեցու տօնն է ի պատիւ Ս. Գէորգի, իսկ ես այստեղ ծառայութեան մէջ եմ օտար մարդկանց մօտ` գոռոզ, չար եւ խստասիրտ, արիւնարբու եւ գազանաբարոյ ազգի»: Եւ մինչդեռ նա այս բանն էր խորհում եւ փղձկալով լաց լինում, յանկարծակի երեւաց կարմիր մի ձիաւոր եւ նստացրեց իրեն ձիու գաւակին: Դրանից յետոյ չիմացաւ, թէ ինչ եղաւ, բացելով աչքերը` տեսաւ իրեն իրենց եկեղեցու դրան մօտ:

Դրա մասին իմանալով` նրա ծնողները եւ բազում ուրիշ մարդիկ, որ եկան եւ տեսան պատանուն, ուրախացան եւ փառք տուեցին Աստծուն եւ նրա սուրբ վկայ Գէորգին: Հարցրեցին տղային, թէ ինչպէ՞ս ազատուեցիր եւ ինչպէ՞ս եկար: Եւ նա ասաց. «Ոչինչ չգիտեմ, բացի նրանից, որ մինչդեռ ես այսպիսի մտքերով էի, ահա տեսայ կարմիր մի ձիաւոր, որ առաւ ինձ, նստացրեց ձիու գաւակին, եւ միայն դա իմացայ, որ ջրի ճողփիւնն էր գալիս, եւ ես, բացելով աչքերս, ինձ այստեղ տեսայ»: Այնժամ բոլորը հիացած փառք էին տալիս Աստծուն եւ նրա վկային` Ս. Գէորգին, քանի որ վաթսուն օրից աւելի էր ճանապարհը` ծովով եւ ցամաքով, որ մի ակնթարթում, ազատելով բերեց Գէորգ պատանուն իր եկեղեցու դրանը, արագահաս քաջ զօրական Գէորգը:

Ում բարեխօսութեամբ եւ աղօթքներով ողորմի՛ր, Քրիստոս Աստուած, այս գիրը կարդացողին:

 


«Հայոց Պետականութեան Վերածնունդի 100 Էջերը» Ալպոմի Շնորհահանդէս Եւ Վաւերագրական Լուսանկարներու Ցուցադրութիւն Այնճարի Մէջ

$
0
0

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր  Սեւակ» մասնաճիւղին, շաբաթ, 22 սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անկախութեանց  27-րդ տարեդարձներուն առիթով  ու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած  «Հայոց պետականութեան վերածնունդի  100  էջերը» ալպոմի  շնորհահանդէս եւ վաւերագրական  լուսանկարներու  ցուցադրութիւն:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Յակոբ Այնթապլեան: Ան ըսաւ, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ պէտք է ընկալել այս շնորհահանդէսը: «Հայոց պետականութեան վերածնունդի 100 էջերը» ալպոմը գեղատիպ վաւերագրական լուսանկարներով, համապատասխան մասնագիտական ծանօթագրութիւններով կը ներկայացնէ առաջին հանրապետութիւնը, անոր կերտիչները, հիմնական իրագործումները: Իր խօսքի աւարտին ան ըսաւ. «Բացառիկ հրատարակութիւն, օրաթերթի էջերով ուսումնասիրական բնոյթի յօդուածաշարքերու հրապարակում, արխիւային արժէք ունեցող անտիպ լուսանկարներու հաւաք եւ նկատառելի հաւաքածոյի գոյառում,  նման ալպոմ-հատորներու  շնորհահանդէսներու կազմակերպում` մեր մարզի համեստ ներդրումն է մեզ իբրեւ ազգ եւ պետականութիւն փրկող մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրորոշ իրադարձութեան` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով»:

Յասմիկ Այնթապլեանը սրինգով  նուագեց «Երազ իմ երկիր հայրենի», ապա Լիլիթ Աբրահամեանը ներկայացուց «Պինկէօլ» եւ «Թռչէի մտքով տուն» երգերը` կիթառի ընկերակցութեամբ Դանիէլ Գըժտրեանի:

Խօսք առաւ Եսայի Հաւաթեան: Ան ըսաւ, որ ալպոմը լուսանկարներով, արխիւային նիւթերով լեցուն գիրք մըն է, որ կը բովանդակէ մասնագիտականօրէն ձեւաւորուած յստակ տեղեկութիւններ եւ կարելի է զայն նկատել համայնագիտարան մը` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան երկուքուկէս տարիներուն մասին: Հատորը 8 ամսուան ժրաջան աշխատանքի արդիւնք է: Հատորը կազմած են Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի նորագոյն պատմութեան բաժինի վարիչ եւ լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեան: Ան նշեց, որ Ֆրեզնոյի ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին շնորհիւ լոյս տեսաւ գիրքին արեւելահայերէն տարբերակը, իսկ Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեաններու նուիրատուութեամբ լոյս տեսաւ արեւմտահայերէն տարբերակը: Ալպոմի իրագործումին մէջ իրենց դերը ունեցած են` Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը, ՀՅԴ թանգարանն ու հիմնադրամը, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկը, Հայաստանի Ազգային արխիւը, Սարդարապատի Ազգագրական թանգարանը եւ Դրոյի եւ Համօ Օհանջանեանի թոռնուհիները: Ապա ան ներկայացուց ալպոմէն նկարներ, որոնք ցուցադրուած  էին սրահին մէջ  եռոտանիներու եւ պատերու վրայ: Ան ըսաւ, որ ալպոմը կ՛աւարտի լուսաւոր ձեւով` ՀՅԴ-ի 9-րդ Ընդհանուր ժողովով  եւ «Նեմեսիս»-ի հերոսներով:

Իր խօսքի աւարտին Հաւաթեան ըսաւ. «Հրաշալի հրատարակութիւն մըն է, կ՛արժէ, որ երկրորդական կարգի աշակերտութեան իբրեւ դասագիրք օգտագործուի: Կան յստակ ու ամփոփ տեղեկութիւններ, որոնք շատ օգտակար են ընթերցողներուն համար»:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեանը, որ սկիզբը յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս ծնունդ առած եւ զարգացած է ալպոմին պատրաստութեան գաղափարը: Ան սկսած է մտածել, թէ ինչպէ՛ս կրնայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին իր համեստ մասնակցութիւնը բերել: Ան սկսած է նկարներ հաւաքել, ապա խնդրած է Սեդա Գալստեանէն, որ նկարներուն համապատասխան նիւթեր պատրաստէ, եւ արդէն ամիսներու աշխատանքով պատրաստուած է ալպոմը: Ան ըսաւ, որ միշտ աշխատած է մարդոց օգտակար դառնալ: Ուրախացած է մարդոց օգտակար դառնալով: Իսկ ներկայիս շատ լաւ հասկցած է, թէ ի՛նչ կը զգայ մարդ, երբ ուրիշներ իրեն օգնեն: Ան ըսաւ, որ ալպոմը իր երկրորդ նախաձեռնութիւնն է, որ իր անձին համար կատարած է:

Իր խօսքի աւարտին Փանոսեան ըսաւ. «Հաճելի բան է, երբ քեզ կը գովեն: Երբ ալպոմը կը պատրաստէի, բախտաւորութիւն ունեցայ շօշափելու Արամ Մանուկեանի հագուստը: Չէք կրնար երեւակայել, թէ ի՛նչ զգացում ունեցայ, երբ Գարեգին Նժդեհի բաճկոնին կամ Սեւրի դաշնագիրի գրիչին դպայ: Այդ զգացումները կը փոխանցեմ բոլորիդ: Գիրքը կը նուիրեմ մեր բոլոր այն հերոսներուն, անձերուն, որոնք Հայաստանէն դուրս ապրեցան եւ Հայաստանը չտեսան, բայց սերունդները հայ մեծցուցին»: Ապա ան ներկաներուն հետ միասնաբար երգեց «Երազ իմ երկիր» երգը:

Ապա տեղի ունեցաւ ալպոմին գինեձօնը` հանդիսապետութեամբ Վարուժան արք. Հերկելեանի եւ գիւղի հոգեւոր հայրերուն, ալպոմի հեղինակ Գաբրիէլ Փանոսեանի եւ իր կնոջ, ինչպէս նաեւ ալպոմը ներկայացնող Եսայի Հաւաթեանին:

Ձեռնարկի աւարտին Գաբրիէլ Փանոսեանը ալպոմները մակագրեց ներկաներուն համար, ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ, Դէպի Ապագայ –Ե. –Հայրենակերտում` Հողահաւաքի Եւ Հայահաւաքի Կամքով

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը, անցեալի ոլորտներուն մէջ պտտելէ եւ արժեւորումներ կատարելէ աւելի, խթան է, որպէսզի դարաւոր փորձառութիւններուն եւ մեզի հասած աննիւթական ժառանգութիւններուն ուղեցոյցով նայինք դէպի ապագան` ի խնդիր հայրենակերտումի, հողահաւաքի եւ հայահաւաքի:

Միացեալ Հայաստանի ժառանգութիւնը, որ անդրանիկ հանրապետութենէն մնացած գլխաւոր աւանդն է, հիմնաքարը կը կազմէ հողահաւաքի ու հայահաւաքի:

Հողահաւաքը, որքան ալ անկեղծ ըլլան մեր բաղձանքներն ու քաղաքական կամքը, լիովին կախեալ չէ մեր միջոցներէն, այլ կը մնանք շրջանային ու միջազգային խաղերու եւ հաշիւներու ոլորապտոյտներու ազդեցութեանց ենթակայ: Եթէ մեր աչքերը յառենք Հայաստանի ու Արցախի սահմանային գօտիներուն, սակայն նաեւ շատ աւելի անդին` մինչեւ Կովկաս, Միջին Արեւելք, նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու աշխարհն ու հասնինք տարբեր ցամաքամասեր, դժուարութիւն չենք ունենար տեսնելու, թէ հին խաղերը ինչպիսի՛ նոր անուններով ու պատրուակներով-պատճառաբանութիւններով կը փոթորկեն աշխարհը, քաւութեան նոխազի վիճակի մէջ կը պահեն համեմատաբար փոքր ու տկար նկատուող ժողովուրդները: Սա չի նշանակեր, սակայն, ամբողջական անձնատուութիւն` տուեալ հոսանքներուն:

Միւս կողմէ, «ներքին» բեմահարթակին վրայ, մենք կը գտնուինք շատ աւելի ազատ ձեռքերով շարժելու կարելիութեան դիմաց, պայմանաւ որ ներքին մրցակցութիւնները, հակամարտութիւններն ու մինչեւ իսկ քինախնդրութիւն բուրող զարգացումները չմթագնեն մեր տեսողութեան դաշտերը, մեզ չզրկեն Դատողութիւն կոչուած զգայարանքէն: Եւ սա կարեւոր ենթահող է հայահաւաքի համար:

Գաղտնիք չէ, որ խորհրդային տարիներուն եւ յետ վերանկախացման, տարբեր պատճառներով ու մղումներով, Հայաստանէն արտագաղթը ստացած է մերթ արագ, երբեմն դանդաղ թափ: (Արտագաղթի հոսանքները փնտռելու եւ բացատրելու համար կրնանք երթալ նաեւ աւելի հին դարեր, թէեւ պէտք չէ մտահան ընենք, որ այդ տարիներուն կար նաեւ Պանդխտութիւն հասկացողութիւնը, այսինքն արտագաղթողը չէր հեռանար չվերադառնալու տրամադրութեամբ: Վերջին տասնամեակներուն արտագաղթողներուն շարքին եղան երկրի կարողականութիւնը շահագործողներ եւ աւարը արտահանողներ…): Յետխրուշչովեան Խորհրդային Հայաստանէն ալ, ուշ 60-ական, 70-ական եւ 80-ական տարիներուն, մեծաթիւ արտագաղթ տեղի ունեցաւ, թէեւ այսօր այդ մասին չենք խօսիր բարձր ձայնով` մտածելով, որ անկախ Հայաստանէն արտագաղթը արդարանալի չէ, մինչդեռ բռնատիրական դրութենէ մը հեռացումը որոշ բացատրութիւն ունէր… Փաստը այն է, որ արտագաղթը արտագաղթ է իր վնասակար հետեւանքներով, որովհետեւ հայրենիքը կը զրկէ իր զաւակներու զանգուածներէն, ա՛յն յենարանէն, որ պիտի ըլլայ հողահաւաքի` Հայաստանի սահմաններու ընդարձակման ու մեր պատմական հողերուն վերատիրացման ամէնէն հզօր գրաւականը:

Նոր Հայաստանի կերտումն ու բարգաւաճումը կը կարօտին բազմաթիւ նախադրեալներու: Թւումի կարգով արձանագրենք «լափալիսեան ճշմարտութիւններ». առաջին հերթին` պետական դրութեան առողջացումը եւ հողին հանդէպ կապուածութիւն զգալու ժողովուրդի ունակութեան վերականգնումը: Սա, ամենալայն առումով, պետական ծրագրումի եւ հովանաւորումի կը կարօտի: Այս ոլորտին մէջ կարեւոր բաժին ունին գաղափարակա՛ն պետութեան ամրակայումը եւ ո՛չ միայն` գործարարական (պիզնեսի) ծրագիրներու որսորդութիւնը: Երկրի մը տնտեսութեան ու բարգաւաճման մէջ գործարարութիւնը շատ կարեւոր յենարան է, սակայն եթէ կը պակսի արդարութեան վրայ ընկերային համակարգ ձեւաւորելու եւ գործարարութիւնը հաւասարակշռող օրէնքներու շրջագիծին մէջ պահելու ձգտումը, տեղ մը շատ բան փուլ կու գայ ուշ կամ կանուխ: (Վերջին տարիներուն պտղամշակութիւնը իր օձիքը չի կրնար ձերբազատել շահամոլներու մականէն): Փտածութեան ու կաշառակերութեան դէմ պայքարը անվիճելիօրէն կարեւոր են ու կրնան ենթահող ծառայել պետական կառոյցներուն նկատմամբ սասանած վստահութեան վերականգնումին, սակայն նաեւ կենսական է ունենալ բոլոր ոլորտներու մէջ բարգաւաճման համապարփակ ծրագիր (ընդունելով հանդերձ, որ ամէնէն համապարփակ նկատուածն ալ միշտ կրնայ յաւելեալ բարելաւումի հասնիլ, ինչպէս որ սահմանադրութիւններն ու հիմնական օրէնքներ կրնան միշտ ալ բարեփոխուիլ, նոր յօդուածներով հարստանալ, ամրանալ): Տակաւին, երկրի սեփական հարստութեանց բարիքները պէտք է վերադարձնել երկրին ու ժողովուրդին, մինչդեռ կարողականութեանց արտահոսքը իր պատմութիւնը կերտած է, իսկ կարգ մը նորարարութիւններ, ինչպէս` ազատ գօտիներու ստեղծումը, բարիքի խոստումներուն դիմաց, վէճի դուռերը լայն կը բանան:

Հայրենակերտումին մէջ կենսական է վերականգնել մտաւորականութեան դիրքն ու դերակատարութիւնը, պայմանաւ որ խօսինք Մտաւորականութեան եւ ոչ թէ պատահական մտածողներու մասին: Այսօր, երբ «թաւշեայ յեղափոխութիւնը» կամ զայն կանխող տարիներու զարգացումները աչքի առջեւ ունենանք եւ հետեւինք տարբեր ոլորտներու մէջ մտաւորական կոչում ունեցողներուն ընթացքին, կը տեսնենք, որ թացն ու չորը իրարու խառնուած են: Այս կամ այն անձնաւորութեան համակրանք կամ հակակրանք արտայայտելը, օրինակ, դարձած է մտաւորականի կոչումի չափանիշ. մինչդեռ իսկական մտաւորականը պարտաւոր է վեր բարձրանալ անմիջական օրը կազմող եռեւեփումներէն, կարկինը տարածել տասնամեակներու վրայ, տեսնել, թէ անցեալին ու այսօրուան ո՛ր զարգացումները գնայուն են ու պիտի մնան անվաղորդայն, որո՞նք պէտք է հոգածութեան եւ ուշադրութեան առարկայ դառնան, մնայուն արժէքներու հիմնաքար ծառայեն: Այս մտահոգութիւնը աւելի պարզ տեսնելու համար կը բաւէ, որ մարդս քանի մը շաբաթ ուշադրութեամբ հետեւի հայրենի գրաւոր ու լսատեսողական մամուլի հարցազրոյցներու, ընտրական արշաւներուն եւ խօսքի աճուրդներուն, ու պարզ կը դառնայ, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզենք «թացի եւ չորի խառնուրդ» ըսելով:

Երկիր ղեկավարել ու արարելը դիւրին գործ չէ: Երկիր մը միայն ճամբաներու նորոգութեամբ, երթեւեկի օրէնքներու վերամշակումով ու աւազակութեանց սանձումով չ՛արարուիր. կան նաեւ ներքին ու մանաւանդ արտաքին շատ աւելի լայն շրջագիծեր, որոնք կը կարօտին «հերքիւլէսեան աշխատանք»-ի: Անմիջական դրացիներու կամ հեռակայ գործակիցներու հետ յարաբերութիւնները, դաշնակիցներու եւ հակառակորդներու յստակացումը, տակաւին, հայութեան տարբեր ուժերուն միջեւ համակարգումը կը կարօտին շատ աւելի լայն մտածողութեան եւ հայեցակէտի, քան ինչ որ տեսած ենք անկախութեան վերականգնումէն ասդին (այս հաստատումով չենք արհամարհեր երէկի ու այսօրուան դրական քայլերը):

Բնականաբար արտաքին յարաբերութեանց ոլորտին պրիսմակէն պէտք է դիտել նաեւ հայրենիքին` Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան հարցերը, հետամուտ ըլլալ նոր դաշնակիցներու ներգրաւման` առանց անտեսելու կամ հրաժարելու նախկին ու այժմու դաշնակիցներէն: Աշխարհածաւալ պատերազմի փուլերը յաճախ կը հարկադրեն այս կամ այն ուժին յարիլ, մինչդեռ խաղաղութեան շրջանները աւելի թոյլատու կ՛ըլլան խուսանաւելու: Սա ճշմարտութիւն մըն է, որ միայն Հայաստանին ու հայութեան համար չէ, այլ ամբողջ աշխարհը կը հետեւի նոյն «օրէնքին»:

Նուազ արհամարհելի կէտ չէ քաղաքական հաւասարակշռութեան ու առողջ մրցակցութեան ստեղծումը: Սա կը նշանակէ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն խաղին ազնուացումը` այն տրամաբանութեամբ, որ բոլորին նպատակը ըլլայ երկրին ու ժողովուրդին բարգաւաճումն ու զարգացումը, զիրար անտեսելու, քաղաքական կրկէսէն դուրս հրելու փոխարէն` զիրար ամբողջացնելու եւ «մէկուն չկրցածը ես պիտի յաջողցնեմ»-ի տրամադրութեան տարածումը: Եւ ինչպէ՞ս չմտածել սարդարապատեան ոգիին ու անդրանիկ հանրապետութեան խորհրդարանին դրսեւորած կամքին մասին:

Այս բոլորին համար, ինչպէս նշեցինք, կենսական է վեր բարձրանալ առօրեայ տաղտկալի հարցերէն ու հսկայական թուացող… մանրուքներէն, հայրենիքն ու ժողովուրդը դիտել յառաջիկայ 10, 20, 50 կամ աւելի տարիներու շրջագիծին մէջ, տեսնել, թէ 100 կամ աւելի տարիներ առաջ ո՞ւր կը կանգնէինք, ի՞նչ հեռանկարներ ունէինք, այսօր ո՞ւր հասած ենք, հեռանկարներէն ի՞նչ կրցած ենք իրականացնել, կամ ո՞ւր եւ ինչո՞ւ ընկրկում ունեցած ենք, որպէսզի կարողութիւնը զարգացնենք աւելի՛ լաւ վաղուան մը կերտումին: Անշուշտ որ ամէն բան բացարձակապէս մեր կամքէն կախեալ պիտի չըլլայ, ամէնէն հզօրներն անգամ չեն հասնիր իրենց յայտարարուած կամ չյայտարարուած բոլոր նպատակներուն, սակայն հեռուն դիտելով` նախագծումը, մանաւանդ` ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ Հայաստանի կերտումը, հողահաւաքն ու հայահաւաքը պէտք է հիմնական տեղ ունենան մեր ապագայի կերտումին մէջ:

Մեր նպատակը չէ ստեղծել այն տպաւորութիւնը, որ նման առաջադրանքներ կը վերաբերին միայն հայրենի հայութեան, պետութեան ու զայն վարող իշխանութիւններուն, այլ այս հրամայականը, իբրեւ դրական «դամոկլեան սուր», պէտք է կախուած ըլլայ ողջ հայութեան, նա՛եւ արտերկրի օճախներու զաւակներուն գլխուն վերեւ: Ճիշդ է, որ սփիւռքեան կարգ մը հարցեր իւրայատուկ են, սփիւռքը կը կանգնի հայաստանաբնակէն տարբեր եւ յաճախ շատ աւելի սուր մարտահրաւէրներու դիմաց, սակայն «ամբողջական Հայաստան ու միասնական հայութիւն» տեսլականները կը մնան զանոնք համախմբող ամէնէն ամուր հասարակ յայտարարը:

Այս կամքով ու տրամադրութեամբ պիտի թեւակոխենք հանրապետութեան երկրորդ հարիւրամեակը` մեր աչքերը սեւեռելով հարիւրամեակներէն շատ աւելի անդին: Ի վերջոյ, արդեօք Երեւանի մէջ 2800 տարի առաջ եղա՞ծ են պետական մարդիկ կամ մտաւորականներ, որոնք մտածած են, թէ իրենց քաղաքը պիտի գոյատեւէ ու բարգաւաճում պիտի ապրի 28 դար ետք…

3-18 սեպտեմբեր 2018

 

 

Ակնարկ. Ռազմական Արդիւնաբերութեան Շուկան Աշխուժ Պահելու Համար

$
0
0

Պաշտօնական Պերլինը պարզ դարձուց, որ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ վեհաժողովը, նուիրուած սուրիական Իտլիպի իրավիճակին, պիտի կայանայ հոկտեմբերին:

Վեհաժողովի այս լրատուութիւնը ինքնին կը նախանշէ, որ սուրիական հակամարտութեան գլխաւոր հանգոյցին` Իտլիպի ճակատագիրի որոշումը Թեհրան-Մոսկուա առանցքէն կը տեղափոխուի միջազգային հարթութիւն` նկատի ունենալով, որ այսպիսով բանակցութիւններուն մէջ կը ներգրաւուին Եւրոպայի ամէնէն հզօր պետութիւնները եւս:

Պէտք չէ շտապել նկատելու համար Ուաշինկթընի բացակայութիւնը: Անգարան իր կեցուածքներով` ռուսական յարձակումը զսպելու, Իտլիպի դէմ որեւէ քայլի պարագային մարդկային աղէտի մակընթացութեամբ սպառնալու եւ ըստ էութեան ահաբեկիչ տարրերը մեկուսացնելով, զանոնք պատանդի կարգավիճակի մէջ պահելով շահարկումի խաղաթուղթի տիրանալով, կը մօտենայ ուաշինկթընեան ըմբռնումներուն: Բանակցային գործընթացները Ուաշինկթընի հետ համաձայնեցնելու վարքագիծը կ՛երեւի ամէն մէկ հիմնական փուլի:

Փուլերը պէտք չէ շրջանցել: Նախ Թեհրան – Մոսկուա – Անգարա ռազմավարական համաձայնութեան տպաւորութիւն ձգող խմորումները, համակարգումները. յետոյ խնամքով Թեհրանի դուրս բերումը համաձայնական ձեւաչափէն` ընդգծելու համար համաձայնութեան երկկողմ բնոյթը: Իսկ հիմա Անգարա – Մոսկուան կը համալրուի Եւրոպական Միութեան գլխաւոր երկու ուժով` Գերմանիայով եւ Ֆրանսայով:

Զուգահեռ այն ինչ որ տեղի կ՛ունենայ ՄԱԿ-ի մէջ ցուցադրականութեամբ եւ Ուաշինկթընի կողմէ Թեհրանի նկատմամբ պատժամիջոցներ յայտարարելով կը շեշտեն Թեհրանի ընդհանուր մեկուսացման ուղղութեամբ կիրարկուող Ուաշինկթըն – Թել Աւիւ միացեալ քաղաքականութեան դրսեւորումները:

Երեւութապէս Անգարան չի միանար Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի հակաիրանեան քաղաքականութեան` յայտարարելով, որ ինք ենթարկուող չէ պատժամիջոցներու կիրարկման ամերիկեան պահանջներուն: Միւս կողմէ, սակայն, կը նոյնանայ Ուաշինկթընի հետ Իտլիպի ճակատագիրի ճշդումին հարցով, խնամքով դուրս ձգելով Իրանը այս մասին միջազգային վեհաժողովներէն, այդպիսով նպաստած ըլլալով նաեւ Իրանի նկատմամբ  գործադրուող ընդհանուր մեկուսացման քաղաքականութեան:

Ռուսական խոցուած օդանաւը սուրիական տարածքներու վրայ կը թուէր, որ սուր ճգնաժամ պիտի յառաջացնէր ռուս-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն մէջ, գէթ որոշ փուլի համար գերլարուած իրավիճակ ստեղծելով տարածաշրջանին մէջ: Մանաւանդ որ զոհերու գծով, սուրիական պատերազմի շրջագիծին մէջ, աննախադէպ թիւ արձանագրուած էր: Լարուածութիւնը յայտնապէս վերապահուած է Ուաշինկթըն (նաեւ Թել Աւիւ)- Թեհրան գիծին: Յայտարարութիւնները այն տպաւորութիւնը կը փոխանցեն, որ Իտլիպի շուրջ նախնական ընդհանուր համաձայնութեամբ համեմատական խաղաղութեան հաստատումին առընթեր թէժ կէտը Թեհրանն է եւ Թել Աւիւի կողմէ կատարուած հրապարակումներուն հիմամբ նաեւ անոր լիբանանեան յենասիւները:

Սուրիայէն ետք պաղեստինեան իրադարձութիւնները, դէպի Իրան ուղղուած հռետորաբանութեան առաստաղի բարձրացումը, սպառնալիքները կը խօսին տարածաշրջանը եռացած վիճակի մէջ պահելու ընդհանուր քաղաքական վարքագիծի մը մասին:

Խաղաթուղթերը գերտէրութիւններուն համար առատ են` ընդհանուր տարածաշրջանին մէջ բաժանարար սահմանները վերագծելու, իրավիճակները վերաթէժացնելու եւ ընդհանրապէս ռազմական ճարտարարուեստի սպառողական շուկան աշխուժ պահելու:

«Ա.»

Պեթի Քեչեճեան Լուսանկարչական Առաջին Մրցանակ Կը Ստանայ

$
0
0

«Պիպլոս» դրամատունը «Պէյրութ արթ ֆեր»-ին մէջ 19-23 սեպտեմբեր կազմակերպած էր լուսանկարչական ցուցահանդէս-մրցանք մը, որուն մասնակցած են 150-էն աւելի նկարիչներ եւ` իրենց նկարները ներկայացուցած: Ընտրուած լաւագոյն 10-ին մէջէն առաջին մրցանակը ստացաւ Պեթի Քեչեճեանը: Մրցանքը տեղի ունեցաւ 25 սեպտեմբեր 2018-ին:

Պեթի Քեչեճեանին «Համանուն» խորագիրով նկարները իր մեծ մօր շրջապատն են եւ իրերը. Պեթի զուգահեռ կատարելով իր կեանքի եւ մեծ մօր միջեւ` փորձած է հասկնալ իմաստը իր անուան:

Այս մասին Պեթի Քեչեճեանը ըսած է. «Պանք Պիպլոս»-ի նկարչական ցուցահանդէսը մեծ փորձառութիւն է ինծի համար, մանաւանդ երբ լաւագոյն տասնեակին մէջ յայտնուեցայ եւ դատական կազմէն գնահատանքներ ստացայ: Գործերս «Պէյրութ արթ ֆեր»-ին մէջ ներկայացնելը ինքնին մեծ նշանակութիւն ունի ինծի համար: Մանաւանդ որ յառաջիկայ տարի կը պատրաստուիմ անհատական առաջին ցուցահանդէսս կազմակերպել` «Պիպլոս» դրամատան հովանաւորութեամբ, իբրեւ նուէր այս մրցանքին տիրանալուս», եզրափակեց ան:

Պէթի Քեչեճեան շրջանաւարտ է Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն, համալսարանական բարձրագոյն ուսումը ստացած է Լիբանանեան համալսարանին մէջ, իսկ մագիստրոսի վկայականին տիրացած է Լոնտոնէն` լուսանկարչութեան մասնագիտութիւն:

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Ազգային Գաղափարախօսութիւնը Հիմք` Անկախ Պետականութեան Յարատեւման

$
0
0

Հայաստանի անկախ պետականութիւնը կը թեւակոխէ իր 27-րդ տարին: Չափակշռելով վերանկախացումէն ետք փորձութիւններու ուղին, կու գանք այն եզրայանգման, որ իրերայաջորդ իշխանութեանց արձանագրած սայթաքումներու, յաջողութիւններու եւ պատմական առիթներու կորուստներու համագումարին արդիւնքը, այսօրուան դրութեամբ, կարելի է նկատել նորանկախ պետութեան կազմաւորման նախափորձութեան ճանապարհի առաջին քայլերը:

Անցող ժամանակահատուածին, հարցական կը մնայ, թէ գաղափարախօսականօրէն որքանո՛վ ազգային մտածողութեան վրայ դարբնուած յարացոյցի վերածեցինք անկախութիւնը, որովհետեւ, ի վերջոյ, Ազգային Գաղափարախօսութիւնը տուեալ ազգի ու ժողովուրդի գոյատեւելիութեան փիլիսոփայութիւնն է:

Կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք խոր թիւրըմբռնումով կը փորձեն համոզիչ դարձնել այն միտքն ու նախատիպը, որ ազգային գաղափարախօսութիւնը անհամատեղելի է ժողովրդավարութեան հետ: Ազգային գաղափարախօսութեան էութաբանութիւնը իր մէջ կը պարփակէ ազգի գոյապահպանման ու զարգացման, ազատ ու անկախ պետականութեան, ինքնուրոյն մշակոյթի եւ կրօնի եւ, վերջապէս, աշխարհաքաղաքականօրէն ամբողջական ու միաւորուած սահմաններով հայրենիքի բաղադրիչները:

Ազգի եւ ժողովուրդի ազատ, անվտանգ ու բնականոն զարգացումն ու յառաջխաղացքը կը կերտուին մշակոյթի, պատմական յիշողութեան, հայրենասիրութեան եւ ընտանիքի արժեհամակարգերուն վրայ:

Վերոնշեալ արժեհամակարգերը առողջ հիմերու վրայ կառուցելու համար անհրաժեշտ է համայն քաղաքացիներուն կողմէ ազգին ծառայելու սկզբունքի ընկալումը: Ազգային գաղափարախօսութեան յենասիւներն են հայրենասիրութիւնն ու հայրենատիրութիւնը, որ դարձեա՛լ ի յայտ եկաւ 2016-ի քառօրեայ ապրիլեան պատերազմի օրերուն:

Ազգային գաղափարախօսութեան հոգեկերտուածքին ուղղակի սպառնալիքներ են աւանդապաշտ ու բարոյական արժէքներու վրայ հիմնուած ընտանիքի քանդումն ու քայքայումը, այն աւանդական ընտանիքին, որ երկրի առողջ քաղաքացիական հասարակութեան կազմաւորման գլխաւոր բաղադրիչն է:

Ազգային գաղափարախօսութեան սպառնացող բացասական ներգործօն ազդակներ են` հայութեան քրիստոնէական հաւատամքի խարխափումը, քաղաքացիական գիտակցութեան տկարացումը, փտածութեան ու կաշառակերութեան տարածումը եւ վերջապէս` արտագաղթի աճը:

Այս ընդհանուր պարունակին մէջ նաեւ, հայրենիքի եւ սփիւռքի միասնականութեան եւ պետական բաղադրատարածքէն ներս սփիւռքահայութեան հետեւողական համարկման ուղղութեամբ անհրաժեշտ է, որ յստակ ազգային պետական հիմնադրոյթներ ստեղծուին, եւ այս բնագաւառէն ներս հայրենադարձութեան գործնական ուղիներ մշակուին:

Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան հայեցակարգի դարբնաքարի հիմնասիւնն ու երաշխիքն է ազգային գաղափարախօսութիւնը: Ազգային անվտանգութեան անթերի իրագործման ուղենիշները կը հանդիսանան` ժողովրդավարական արժէքներու ամրագրումը, մարդ անհատի իրաւունքի ապահովումը, դատական անկախ համակարգի անկաշկանդ գործունէութիւնը, բանակային եւ այլ զինուած ուժերու մարտունակութիւնն ու լիարժէք պատրաստուածութիւնը եւ երկրի անվտանգութեան կառոյցներու արդիւնաւէտ գործունէութիւնը:

Եւ վերջապէ՛ս, ազգային իրատես գաղափարախօսութեան կիզակեդրոնը կը կազմէ հայրենիքի միւս հատուածի` ազգի բնօրրան Հայկական Բարձրաւանդակի կորուսեալ բեկորներուն ու տարածքներու վերատիրացման յարատեւ տեսլականը:

Ա՛յս է օրուան հրամայականը:

Սպանիան Ալ Երթաք Բարով Ըսաւ Խստամբերականութեան

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

9 սեպտեմբեր 2018-ին լրացան Սպանիոյ ընկերվարական վարչապետ Փետրօ Սանչեզի կառավարման 100 օրերը:

2 յունիս 2018-ին Սպանիոյ Ընկերվար բանուորներու կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Փետրօ Սանչեզը երդման արարողութիւն կատարեց` դառնալով Սպանիոյ առաջին վարչապետը, որ կը նշանակուի` անվստահութեան քուէ ներկայացնելով պահպանողական վարչապետ Մարիանօ Ռախոյին դէմ, անոր փտածութեամբ ամբաստանուելուն պատճառով: Սանչեզ Ռախոյին դէմ անվստահութիւն յայտնելու վերաբերեալ իր առաջադրանքին աջակցութիւնը ստացաւ արմատական ձախ «Փոտեմոս» եւ քաթալանական ու պասքերու ազգայնական կուսակցութիւններէն, ապա կառավարութիւն կազմեց` «վստահութիւն եւ մատուցում»-ի («վստահութիւն եւ մատուցում» խորհրդարանական ժողովրդավարական համակարգին մէջ կը նշանակէ  առանց կառավարութեան կազմին մաս կազմելու` խորհրդարանին մէջ կառավարութեան նախաձեռնութիւններուն թեր քուէարկել) հիման վրայ` յիշեալ ուժերուն հետ: Նաեւ` Սանչեզը եղաւ Սպանիոյ առաջին վարչապետը, որ իր երդմնակալութեան ժամանակ երդում չտուաւ Աստուածաշունչին վրայ:

2015-ին Սպանիոյ Ընկերվար բանուորներու կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարի ընտրութիւններու իր պայքարը տանելով եւ ներշնչուած ըլլալով քորպինեան ձախդարձէն` Սանչեզ վերջ դրաւ կուսակցութեան մէջ կեդրոնամէտ երրորդ ուղիի աշխարհայեացքին եւ Սպանիոյ Ընկերվար բանուորներու կուսակցութիւնը դարձուց այլընտրանք` պահպանողականներուն կողմէ վարուած խստամբերական քաղաքականութիւններուն:

Վարչապետութիւնը ստանձնելու առաջին իսկ օրէն Սանչեզ խոստացաւ, որ վերջ պիտի դնէ խստամբերականութեան, որ իր կարգին պատճառ դարձաւ Սպանիոյ մէջ աղքատութեան եւ անգործութեան աճին: Ընկերվար բանուորներու կուսակցութիւնը իր կարգին առաջադրեց 10 համաձայնագիրներ, որոնք կրնան փոխել Սպանիան: Այդ համաձայնագիրները կը վերաբերին թոշակառուներուն, կրթութեան, սեռային հաւասարութեան, վարչական ինքնավարութեան, կլիմային, երիտասարդութեան, գիտութեան, աշխատանքին, աշխատավարձերուն եւ սահմանադրութեան:

Ճիշդ է, որ ընկերվարականները միայն 100 օրէ ի վեր ստանձնած են կառավարութիւնը, բայց այդ  100 օրուան ընթացքին անոնք յաջողեցան վերջ տալ խստամբերութեան, վերահաստատել պետութեան սեփականատիրութիւնը` առողջապահական մարզին նկատմամբ, վերջ տալ հանրային բնակարաններու սեփականաշնորհման, անբուժելի հիւանդութեամբ տառապող մարդիկը ցաւերէ փրկելու համար կեանքէ զրկելը ապաքրէականացնել եւ հաստատել Սպանիոյ պատրաստակամութիւնը, որ վերջ տայ որոշ ընկերութիւններու հարկային ներումներուն, ինչպէս նաեւ` աշխատիլ, որպէսզի փակուին հարկերէ խուսափումի միջոցներն ու կեդրոնները:

Նպատակ ունենալով ազատել Սպանիան Ֆրանքոյական ֆաշականութեան ժառանգութենէն` կառավարութիւնը արգիլեց եւ հանրային հաստատութիւններէն սկսաւ ջնջել  բոլոր այն խորհրդանիշները, որոնք կապ ունին Ֆրանքոյին հետ: Հակաֆաշականութեան պայքարի մեծագոյն յաղթանակը արձանագրեց ընկերվարական կառավարութիւնը` Ֆրանքոյի աճիւնները դուրս հանելով գերեզմանէն եւ այդ շքեղ գերեզմանը նուիրելով ֆաշական համակարգին զոհ գացած անհատներու:

Իր կառավարման 100 օրերուն ընթացքին Սանչեզ նախ կազմեց իր կառավարութեան նախարարութիւնները` հիմնուած ըլլալով հաւասարութեան վրայ: Կառավարութիւնը բաղկացած է 11 կիներէ եւ 6 տղամարդոցմէ: Անիկա Սպանիոյ պատմութեան մէջ առաջին կառավարութիւնն է, որ հիմնուած է սեռային հաւասարութեան վրայ, նաեւ կան նախարարներ, որոնք ունին տարբեր ցեղային պատկանելիութիւններ (քաթալան եւ պասք): Ընկերվար բանուորներու կուսակցութիւնը նաեւ խոստացաւ, որ պիտի ապահովէ հաւասար աշխատավարձ երկու սեռերուն եւ պիտի պայքարի ընդդէմ սեռային բռնութեան: Եւրոպական հարցերու նախարար Խոսեփ Պորել յայտարարեց, որ ընկերվարական կառավարութիւնը պիտի հետապնդէ Սպանիոյ աշխարհիկացման հարցը եւ վերատեսութեան պիտի ենթարկէ Սպանիա-Վատիկան համաձայնութիւնները` դատական, կրթական եւ մշակութային մարզերուն մէջ: Անդրադառնալով նոյն նիւթին` Սանչեզ խոստացած է, որ հանրային հաստատութիւններէն պիտի ջնջէ կրօնական խորհրդանիշները:

Ինչ կը վերաբերի արտաքին քաղաքականութեան, Սանչեզ յայտնեց, որ պատրաստ է քաջալերելու խաղաղութեան համաձայնութիւնը Քոլոմպիոյ եւ ապստամբ «Ազգային ազատագրութիւն բանակ»-ին միջեւ, նաեւ Վենեզուելայի քաղաքական ճգնաժամի լուծումը կը տեսնէ քաղաքական երկխօսութեան մէջ: Ինչ կը վերաբերի գաղթականներու ճգնաժամին, Սանչեզ դատապարտած է միակողմանիութիւնն ու հռետորաբանութիւնը եւրոպական այն կառավարութիւններուն, որոնք մերժած են դիմաւորել գաղթականներ: Նաեւ կ՛արժէ նշել, որ վարչապետ Սանչեզը Սպանիոյ ծովափը բացաւ 630 գաղթականներով բեռնաւորուած այն նաւուն առջեւ, որուն արգիլուած էր մուտք գործել իտալական սահմաններէն ներս, եւ որ մէկ շաբաթ մնաց ծովուն մէջ:

100 օրերու ընթացքին այսքան բարեկարգումներ կատարելով ընկերային-տնտեսական, արտաքին քաղաքականութեան եւ մարդասիրական աշխատանքներու մարզերուն մէջ` Սանչեզ հետզհետէ կը յաջողի փաստել, որ ձախը կրնայ դառնալ այլընտրանք նոր-ազատական խստամբերական քաղաքականութիւններուն` իբրեւ տնտեսական ճգնաժամերու լուծման ուղի:

 

Էրտողանի Կողմնակից Հանրածանօթ Պոլսահայը Զբաղած Է Թրքամէտ Քարոզչութեամբ

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Հակառակ Թուրքիոյ մէջ արձանագրուած հայկական մշակութային եւ կրօնական իրաւունքներու բազմաթիւ խախտումներուն` Պոլսոյ մէջ կարգ մը հայեր կը գովաբանեն թրքական վարչակարգը եւ յատկապէս` անոր ֆաշիստ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը:

Պետրոս Շիրինօղլու

Էրտողանի կողմնակից այս փոքրաթիւ հայերը, որոնք կ՛օգտուին յատուկ արտօնութիւններէ եւ մուտք ունին բարձրաստիճան թուրք պաշտօնեաներու մօտ, իրենք զիրենք կը ներկայացնեն իբրեւ տեղւոյն հայկական համայնքի շահերու պաշտպաններ: Սակայն իրականութեան մէջ անոնք ունին շահադիտական դրդապատճառներ: Անոնք անձնական գործարքային շահեր ունին կաշառակեր թուրք ղեկավարներու հետ, կամ կը ձգտին պահպանել իրենց ոչ արժանի դիրքերը` հայկական համայնքային հաստատութիւններու մէջ: Այսպիսի անհատներէն մէկը Պոլսոյ հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի վարչութեան նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն է:

Վերջերս «ԱՄՆ ֆորում» թուրք-ամերիկեան թերթի լրագրող Փինար Իշիք Արտորին հետ ունեցած հարցազրոյցին մէջ Շիրինօղլուն շարք մը կեղծ յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ հայ համայնքին մասին եւ խեղաթիւրեց Հայոց ցեղասպանութեան փաստերը:

Ըստ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա» թերթին, Շիրինօղլուին խօսքերը «ցնցիչ էին»: Շիրինօղլուին «ԱՄՆ ֆորում» թերթին ըսած է, որ հայերը երբեք նման բարեկեցիկ կեանքով չեն ապրած, ինչպէս որ կ՛ապրին Էրտողանի իշխանութեան օրով… Ան նաեւ սխալ յայտարարութիւններ ըրած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին` նշելով, որ` «1915 թուականի դէպքերը կազմակերպուած էին արտաքին ուժերու կողմէ` Օսմանեան կայսրութիւնը կործանելու եւ տապալելու նպատակով»:

Ասկէ բացի, Շիրինօղլուն ըսած է «ԱՄՆ ֆորում»-ին. «Էրտողանէն առաջ մենք նոյնիսկ չենք կրցած ներկել կամ վերանորոգել մեր եկեղեցիները: Մենք այդ կրցանք ընել, երբ պետութիւնը ձեւացուց, որ չի նկատեր նման գործողութիւններ»: Շիրինօղլուն բազմիցս պնդած է, որ ան բարի գործեր ըրած է Թուրքիոյ հայ համայնքին համար: Ըսած է, որ քանի մը տարի առաջ ինք տեսակցութիւն խնդրած է Էրտողանին հետ եւ անմիջապէս դրական պատասխան ստացած է: Հանդիպման ընթացքին ինք խնդրած է Էրտողանէն` թոյլատրել, որ խաչ տեղադրուի Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ: Ըստ տեղեկութիւններու, ինք ըսած է Էրտողանին. «Ինչպէս որ դուք չէք կրնար մզկիթ ունենալ առանց մինարէի, այդպէս ալ կարելի չէ եկեղեցի ունենալ առանց խաչի»: Շիրինօղլուն պնդած է, որ` «Էրտողան մէկ գիշերուան ընթացքին խաչ տեղադրել տուաւ Աղթամարի եկեղեցւոյ վրայ»: Եթէ Շիրինօղլուն իրաւամբ այդքան ազդեցիկ էր, ապա ինչո՞ւ չէր խնդրած վերականգնել Աղթամարի կարգավիճակը` իբրեւ հայկական եկեղեցի, «թանգարան»-ի փոխարէն,  թոյլ տալով, որ կրօնական արարողութիւններ իրականացուին գէթ տարին անգամ մը… Շիրինօղլուն նաեւ անտեսած է այն փաստը, որ հայեր եւ ուրիշներ, ամբողջ աշխարհի մէջ, ներառեալ` Պոլսոյ հայոց պատրիարքը, պահանջած էին խաչի տեղադրումը եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ: Այնպէս որ, միայն Շիրինօղլուն չէր, որ  դիմած էր նման խնդրանքով:

Շիրինօղլուն ժխտած է արեւմտեան զանազան զեկոյցներ, որոնք կը նշեն, որ հայերու կրօնական իրաւունքները սահմանափակուած են Թուրքիոյ մէջ` այդ զեկոյցները անուանելով «կեղծ դիպաշարեր»: 67 տարեկան Շիրինօղլուն հետեւեալը ըսած է թրքական թերթին. «Իմ մանկութեան տարիներէն ի վեր հայերը որեւէ խնդիր չեն ունեցած»:

Երբ թուրք լրագրողը յիշեցուցած է Շիրինօղլուին, որ հայերը դժգոհ են իր  խօսքերէն, ան պատասխանած է. «Երբ չես խօսիր իրենց ուզածին պէս, անոնք թշնամաբար կը տրամադրուին: Ես կանգնած եմ պետութեան կողքին: Ես չեմ դաւաճաներ իմ սեփական երկրին: Ես հայ եմ, սակայն` Թուրքիոյ քաղաքացի: Մեր հաւատքը մեզի կը պատուիրէ հաւատարիմ ըլլալ պետութեան: Մեր Աստուածաշունչը նոյնը կը քարոզէ»:

Շիրինօղլուին ամէնէն վիճայարոյց դատողութիւնները կը վերաբերին Հայոց ցեղասպանութեան մասին իր կատարած սխալ մեկնաբանութեան: Ան յայտարարած է, որ` «Կասկածներ ունի 1915-ի [հայկական զոհերու] թուաքանակի վերաբերեալ»: Ան աւելցուցած է, որ` «Այդ ժամանակաշրջանին հայերը, հրեաները եւ յոյները հարուստ էին, հետեւաբար այդ իսկ պատճառով թշնամանք կար անոնց հանդէպ: Ներկայիս հայ բնակչութիւնը աստիճանաբար կը նուազի: Ծնելիութեան մակարդակը ցած է, մահացութեան մակարդակը` բարձր: Կան նաեւ խառն ամուսնութիւններ»:

Երբ թուրք լրագրողը հարցուցած է Շիրինօղլուին, թէ արդեօ՞ք հայերը, յոյները եւ հրեաները համակարծիք են իրեն, Շիրինօղլուն դրական պատասխան տուած է եւ` աւելցուցած. «Մենք համաձայն չենք միայն 1915-ի դէպքերու կապակցութեամբ: Յոյն պատրիարք Բարթողիմէոսը ունի վերապահ եւ սկզբունքային դիրքորոշում, նաեւ` պետութեան վերաբերեալ: Հրեաները նոյնպէս կը սիրեն պետութիւնը, սակայն անոնք եւս սկզբունքային են: Անոնք չեն հրաժարիր իրենց սկզբունքներէն: Հոս ապրող հրեաները թէեւ չեն դաւաճաներ Թուրքիոյ, բայց կապուած են Իսրայէլի»:

Վերջաւորութեան Շիրինօղլուն անդրադարձած է վերջերս տեղի ունեցած թրքական լիրայի արժեզրկման: Կրկնելով հարցումին տրուած  Էրտողանի նոյն պատասխանը, Շիրինօղլուն մեղադրած է արտաքին ուժերը` «թրքական տնտեսութեան դէմ այս խաղը» կազմակերպելնուն համար:

Առաջին անգամը չէ, որ Շիրինօղլուն Հայոց ցեղասպանութեան մասին նման յայտարարութիւններ ըրած է: Օրինակ, 2010-ին, վարչապետ Էրտողանի հետ տեսակցութենէ ետք, ան թրքական լրատուական միջոցներուն ըսաւ, որ` «1915-ը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ երրորդ կողմի հրահրած թշնամանք` երկու զիրար սիրող բարեկամներու միջեւ»: Ան աւելցուցած է, որ իր «մեծ հայրը զոհերու շարքին  էր, սակայն այդ զոհերուն մէջ նաեւ շատ թուրքեր կային»:

Տակաւին 2010-ին էր, որ պոլսահայերը դիմում ներկայացուցած էին` յայտարարելով, որ Շիրինօղլուին իրենց առաջնորդը չէ եւ չի ներկայացներ հայկական համայնքը: Շիրինօղլուին յայտարարութիւններէն զայրացած` դիմումը ներկայացնողները նաեւ ընդգծած էին. «Մենք կ՛ապրինք մէկ ուրիշ Թուրքիոյ մէջ», այլ ոչ թէ` Շիրինօղլուին նկարագրած Թուրքիոյ մէջ…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ


Մուսա Լերան Ծուռ Հերոս. Լեւոն Թաշճեան

$
0
0

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

Պէյրութ, Ուաթ Ուաթ թաղին մէջ ապրող Հայ աւետարանական քոլեճի պատմութեան ուսուցիչ Ասպետ Տօնապետեանը զանազան անուններու շուրջ պիտակներ կը կպցնէր. լեւոններուն համար ալ կ՛ըսէր, որ անոնք «ծուռ» կ՛ըլլան, Կիլիկիոյ Լեւոն թագաւորներէն մինչեւ մերօրեայ Լեւոն Վարդանը, որ նոյնպէս պատմութեան ուսուցիչ եւ պատմութեան գիրքի հեղինակ էր: Այնճարի Լեւոնն ալ կարծես անոնց շարքէն էր:

Շուրջ 45 տարիէ ի վեր Այնճար օդափոխութեան ելած անձ մը ըլլալով` մօտիկութիւն ունիմ կարգ մը անձերու հետ, մանաւանդ` անոնց, որոնք որոշ չափով մօտ են արուեստի եւ գրականութեան: Լեւոն Թաշճեանին մասին լսած էի, որ մինչեւ Մուսա Լեռ քալելով ուխտի գացած է, նոյն ատեն լաւ վազող մը ըլլալուն` ստացած է «Մարաթոն» մակդիրը: Ան Այնճարի մուտքի խանութի մը մէջ ինքնաշարժի անիւներուն նորոգութեամբ կը զբաղի, բայց յարաբերութիւն չունէի հետը. միայն գիտէի, որ ամուսնացած է եւ հայր է եռեակ զաւակներու:

Լեւոնը օր մը հրաւիրեց զիս իրենց տունը` ծանօթանալու իր աշխատանքներուն. ինքզինքիս կը հարցնէի ի՞նչ աշխատանք: Երբ բնակարան մտայ եւ ուղղուեցայ ներքին սենեակ մը, զարմանքս մեծ եղաւ. կը գտնուէի սենեակ – թանգարանի մը մէջ, պահարաններու մէջ շքանշաններ, բաժակներ, վկայագիրներ, պատմական Հայաստանի նկարներ, որոնք ամբողջ կեանք մը կը ներկայացնէին: Ուստի որոշեցի գրի առնել այս ծանօթ անծանօթ հայորդիին մասին:

Ա.- Լեւոն Թաշճեանը՛ Մարզիկ

Լ. Թաշճեան կը վազէ 10.000 մ.

Լեւոն Թաշճեանը ծնած է Այնճար, 1953-ին.  իր ծնողքը` Յովհաննէս եւ Իսկուհի, երկուքն ալ Մուսա Լերան Խտըրպէկ գիւղէն էին: Ունեցած է մէկ եղբայր եւ հինգ քոյր, բոլորն ալ` ամուսնացած. եղբայրը` Այնճար, իսկ քոյրերը` Պէյրութ: Մեծ հայրն ու մեծ մայրը մասնակցած են 1915-ի Մուսա Լերան քառասուն օրերու կռիւներուն:

Լեւոնը մանկութեան կը յաճախէ Այնճարի Ազգային «Յառաջ» երկրորդական վարժարան, մինչեւ 5-րդ դասարան: Ան ուսման մէջ յաջող աշակերտ մը չէ եղած, բայց ունեցած է ուրիշ յատկութիւն մը. մարզանքը կը սիրէր եւ դպրոցին լաւագոյն մարզիկն էր: Դպրոցէն կանուխէն կը հեռանայ, տարի մը պարտիզպանութիւն կ՛ընէ, ապա կ՛երթայ Պէյրութ, ուր տասը տարի կ՛աշխատի ատաղձագործ վարպետի մը քով: Հետագային ձգելով Պէյրութը` կը վերադառնայ Այնճար ու երեք տարի պարտիզպանութեամբ զբաղուելէ ետք, 1978-ին Այնճարի մուտքին խանութի մը մէջ կը զբաղի ինքնաշարժի անիւներուն նորոգութեամբ: Պէյրութ եղած միջոցին Պուրճ Համուտի մէջ կը կազմէ «Վրէժ» անունով ֆութպոլի խումբ մը` նպատակ ունենալով որակաւոր ֆութպոլիստներ պատրաստել ՀՄԸՄ-ի առաջին խումբին համար: Ան կ՛անդամակցի ՀՅ Դաշնակցութեան, սկիզբը պատանեաց եւ ԼԵՄ-ական, ապա կուսակցական: Լիբանանի ներքին պատերազմին, 1975-1990 տարիներուն, Այնճար ապաստանած շուրջ 8000  հայերուն մեծապէս օգտակար կ՛ըլլայ:

Շրջան մը ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի աթլեթի խումբին մաս կը կազմէ: Մարզանքի ուսուցիչ էր Այնճարի դպրոցներուն եւ տարի մըն ալ Ժիւնիի մարոնիներու երկրորդական վարժարանին մէջ:

Մասնակցած է 5000 եւ 10.000 մեթր վազքի մրցումներուն: 1974 թուականին Լիբանանի 10.000 մեթր վազքի մրցումին ախոյեան հանդիսացած է ու մրցանիշ հաստատած` 33 վայրկեան եւ 25 երկվայրկեան, որ պահուած է իր անունով միայն երկու տարի: Լիբանանի մէջ մարաթոն վազքի երկարութիւնը  21 քմ էր, ասիկա կը փոխուի 2002-ին եւ կը ստանայ միջազգային չափանիշը` 42 քմ: Լեւոնը 2002-էն ի վեր ամէն տարի Լիբանանի 42 քմ մարաթոնի վազքերուն տարիքային դասաւորումով մասնակցած է  ու միշտ ալ 8-րդ կարգէն վեր դասաւորուած:

Մասնակցած է 5.000 եւ 10,000 մեթր վազքի մրցումներու զանազան երկիրներու մէջ` Լիբանան, Սուրիա, Յորդանան, Կիպրոս, Յունաստան, Պուլկարիա: Սուրիոյ մէջ 10.000 մեթր վազքի առաջնութիւն ձեռք բերած է 1980 թուականին` ներկայացնելով Լիբանանը:

Լիբանանի զանազան մարզական միութիւններէն խումբ մը մարզիկներ 1980-ին Հազմիէ – Շեւրոլէ, Նահատակաց հրապարակ վազքի արշաւ մը կը կազմակերպեն ցոյց տալու համար, որ նոյնիսկ ներքին կռիւները արգելք չեն կրնար ըլլալ իրենց մարզական շարժումներուն, ըսելու համար` «Մենք ոտքի ենք եւ կը ձգտինք խաղաղութեան»:

1974 նոյեմբեր 22-ին` Լիբանանի անկախութեան օրը, դրօշարշաւ մը կը կազմակերպուի ութական հոգինոց խումբերով` Դամասկոս – Պէյրութ նախագահական պալատներու միջեւ Հաֆեզ Ասատի (Սուրիա) եւ Սուլէյման Ֆրենժիէի (Լիբանան) նախագահներու օրերուն. շահողը կ՛ըլլայ սուրիական խումբը: Այս մրցումին մաս կը կազմէր Լիբանանի խումբէն Լեւոն Թաշճեանը, որ ամէնէն երկար հեռաւորութիւնը կը կտրէ ու նախագահ Սուլէյման Ֆրենժիէէն կը ստանայ շքանշան:

2003-ին Երեւանի մէջ աշխարհի ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական մարմինի կազմակերպած միջմասնաճիւղային խաղերուն բացման ջահը կը վառէ Լեւոնը:

2013-ին, Բարգաւաճ Հայաստանի կուսակցապետ Գագիկ Ծառուկեանի կազմակերպած խաղերուն, 5000 մեթր վազքի մրցումին Լեւոն առաջին կը հանդիսանայ:

2007-ին Լոս Անճելըսի մէջ ՀՄԸՄ-ի կազմակերպած Նաւասարդեան խաղերուն ջահը վառողը կրկին Լեւոնը կ՛ըլլայ:

Մինչեւ օրս վազքի մրցումներուն Լեւոն Թաշճեան 150-է աւելի մետալներու արժանացած է, որոնցմէ 10-ն պրոնզ , 40-ը արծաթ եւ մնացածը` ոսկի, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ բաժակներու:

1983-ին Ժեզուիթներու Ժամհուր երկրորդական վարժարանի մէջ ՖԻՖԱ-ն ֆութպոլի խումբերու մարզիչներու համար վեցամսեայ մարզումի դասընթացք կազմակերպած էր, այդ դասընթացքին ՀՄԸՄ-էն մասնակցած է Լեւոնը ու ստացած`  ՖԻՖԱ-ի վկայական:

Եղած է ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերու մէջ 35 տարիներ շարունակ ու պատրաստած` յաջորդական սերունդներ: Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնէն ստացած է Լորտ Պէյտըն Փաուըլի բաժակ` 35 տարուան ծառայութեան համար:

2008 թուականին Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ յուշանուէր եւ վկայագիր կը ստանայ որպէս տիպար մարզիկ:

2004-ին Լեւոնը անհատապէս կ՛որոշէ քալելով Մուսա Լեռ բարձրանալ` որպէս ուխտաւոր: Քայլարշաւը կը տեւէ 10 օր,  իսկ ճամբուն երկայնքը` 750 քմ: Ան կ՛անցնի Այնճարէն` Ռայաք, Հոմս, Համա, Թարթուս, Պանիաս, Լաթաքիա, Քեսապ, Անտիոք  ու ապա` Մուսա Լեռ: Մեծ ուրախութեամբ կը դիմաւորուի Մուսա Լերան վերջին հայաբնակ Վագըֆ գիւղի բնակիչներուն կողմէ: Քանի մը օր ետք Մուսա Լերան քառասուն օրերու պայքարի (1915) նահատակներուն գերեզմանը կ՛այցելէ ու որոշ քանակութեամբ նահատակներու աճիւններէն կը հաւաքէ տոպրակի մը մէջ ու Այնճար կը բերէ: Անոնցմէ մաս մը կը թաղուի Այնճարի Մուսա Լերան յուշարձանին առջեւ, մաս մըն ալ` Ս. Էջմիածինի շրջանին մօտ գտնուող Մուսա Լերան յուշարձանին մուտքին, իսկ երրորդ մաս մըն ալ` Քանատայի Քեմպրիճ քաղաքին մէջ գտնուող Մուսա Լերան յուշարձանին կողքին:

Լեւոն Թաշճեանը նախապէս յիշուած վեց երկիրներուն մարզական խաղերու ընթացքին կը ներկայացնէ Լիբանանի հաւաքականը (ֆետերասիոնը):

2015-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման առիթով, Լեւոնը նորէն անհատական քայլարշաւի կը դիմէ`  ապրիլ 22-ին ճամբայ ելլելով Այնճարէն Թարշիշ, Պիքֆայա, ուր յուշարձանին առջեւ խունկ կը ծխէ ու մոմ կը վառէ: Շարունակելով ճամբան, երբ կը հասնի Ռապիէ, թրքական դեսպանատուն բողոքի նամակ կը յանձնէ: Անթիլիաս մայրավանքին մէջ Լեւոնը Արամ Ա. վեհափառին հետ ապրիլեան զոհերուն յիշատակին նուիրուած մատուռին մէջ կ՛աղօթէ նահատակներու հոգիներուն համար: Լեւոնը մայրավանքին մէջ գիշերելէ ետք, յաջորդ օրը կ՛այցելէ Պուրճի Նահատակաց յուշարձանը ու մոմ կը վառէ, ապա Պուրճ Համուտի հայկական թաղերէն կ՛ուղղուի Ժիւնի, Այնթուրայի երկրորդական վարժարան, ուր յայտնաբերուած էին 1915-ի հայ որբերու աճիւններ, հոն աղօթելով, կ՛ուղղուի Ժիպէյլ` մոմ վառելու հայ որբերու գերեզմաններուն վրայ: Ընդհանուր քայլարշաւը կը տեւէ 2 ցերեկ, 118 քմ: Լեւոն Թաշճեանը իր պարտականութիւնը լիովին կատարած գոհունակութեամբ, 1.500.000 նահատակներու յիշատակին, կը վերադառնայ իր գիւղաւանը՛ Այնճար: Ան քայլարշաւին 100 քիլոմեթրը կը նուիրէ 1.500.000 զոհերու յիշատակին, իսկ 18 քիլոմեթրը Մուսա լերան հերոսամարտի 18 նահատակներուն:

Բ. Լեւոն Թաշճեան` Որպէս Արեւմտահայաստանի
Պատմական Յուշարձաններու Նկարիչ

Լեւոնին երբ հարցուցի, թէ ի՛նչ բան քեզ մղեց Արեւմտեան Հայաստանի մեր քաղաքները երթալու ու աւերակ եկեղեցիներ ու կոթողներ նկարելու, ան պատասխանեց. «Դպրոց եղած ատենս պատմութեան ուսուցիչ մը ունէի Թովմաս Հապէշեան անունով. ան այնքան խանդավառութեամբ հայոց պատմութիւնը մեզի կը ներկայացնէր, որ մէջս կը ծնէր փափաք` օր մը երթալ եւ տեսնել մեր հայրենիքի գերեվարուած քաղաքներն ու գիւղերը:

1998 թուականին, տարիքս 45, ուսիս նետած մախաղ մը, մէջը` քանի մը փոխնորդ հագուստներ, քիչ մը ուտելիք, ձեռքիս` գործնական համեստ քամերա մը, ճամբայ ելայ դէպի Կիլիկիա` պտտելով Կիլիկիոյ մեր պատմական քաղաքները` Մարաշ, Այնթապ, Զէյթուն, Հաճըն, Ատանա, Ուրֆա, Տիգրանակերտ: Կը նկարէի մեր պատմական յուշարձանները, բերդերն ու եկեղեցիները: Շաբաթ մը ետք ուղղուեցայ Պոլիս, ուր ունէի մուսալեռցի ծանօթ ազգական մը` Յակոբ Հերկելեանը: Պոլսոյ մէջ կային բաւական թիւով մուսալեռցիներ, մանաւանդ` Վագըֆ գիւղէն, որ մինչեւ օրս միակ հայկական գիւղն է Մուսա Լերան վրայ: Գիշեր մը տասնեակ մը մուսալեռցիներու հետ հաւաքուած էինք Պոլսոյ մէկ ճաշարանին անկիւնը, բարեկամիս` Յակոբ Հերկելեանին կարգադրութեամբ: Հոն ներկայ էր նահատակ Հրանդ Տինքը: Խանդավառ մթնոլորտ, հարցումներ` Մուսա Լերան մասին, Լիբանանի հայութեան մասին: Ստիպեցին, որ երգ մը երգեմ. ես ալ երգեցի «Իսթանպուլը պիտի լինի արեան ծով»: Ներկայ եղող թուրքերը, երբ կը լսեն Իսթամպուլ բառը` բոլորը մեծ խանդավառութեամբ կը ծափահարեն` առանց գիտնալու երգին մնացած բառերուն իմաստը: Հրանդ Տինքը, որ նստած էր կողքիս, հետաքրքրուեցաւ, թէ ինչո՛ւ անպատճառ կ՛ուզեմ Արեւմտեան Հայաստան երթալ, ըսելով, որ երթալիք տեղերս շատ վտանգաւոր են հայու մը համար, կրնայ ըլլալ, որ վայրենի թուրքի մը հանդիպիմ ու վերջ: Երբ լսեց, որ որոշումս անդառնալի է, ըսաւ, որ զգուշ ըլլամ եւ տուաւ իր հեռաձայնին թիւը` խնդրելով, որ կապ պահեմ իրեն հետ:

Քանի մը օր վերջ արդէն Արեւմտեան Հայաստան էի` Վան, Պիթլիս, Խարբերդ, Սասուն, Մուշ, Կարին, Կարս, Անի:

Դժբախտաբար թրքերէն չէի գիտեր, հազիւ` քանի մը բառ միայն. ուր որ ըլլայի, կ՛ըսէի` ես հայ եմ եւ մեծ հօրս ու մեծ մօրս քաղաքը եկած եմ ու կ՛ուզեմ անոնց ապրած վայրը տեսնել: Անշուշտ կը նկարէի բոլոր պատմական յուշարձանները, շուրջ 40 ժապաւէն կար հետս, մօտ` 1000 նկար: Հետաքրքրական էր Մուշ քաղաքէն 80 քմ հեռաւորութեամբ, բլուրի մը վրայ գտնուող Առաքելոց վանքը, ուր զօրավար Անդրանիկ տասնեակ մը ֆետայիներով դիմադրած էր  հազարաւոր օսմանցի թուրք զինուորներուն եւ գիշերուան ցուրտ ձմեռին ձիւնոտ բլուրէն վար սահելով, անվնաս դուրս եկած էին պաշարման գօտիէն` ափ ի բերան ձգելով շրջապատող թուրք բանակը: Մուշ քաղաքէն 60 քմ հեռաւորութեան վրայ Մշոյ սուլթան Սուրբ Կարապետ վանքը կար: Յիշեալ երկու վանքերն ալ կը գտնուին ամբողջութեամբ քանդուած վիճակի մէջ: Տեղւոյն բնակիչները խաշնարած քիւրտեր էին:

Քանի մը օր վերջ անցայ Կարս, ուր կար հայոց պատմական եկեղեցին` Առաքելոց վանքը, որ հիմա մզկիթի վերածուած է: Դրան առջեւ կեցած էր մոլլա մը. ուզեցի եկեղեցի մտնել, ըսաւ` «Նախ կօշիկդ պէտք է հանես»: Իրեն ըսի, որ ես եկած եմ իմ մեծ հօրս ու մեծ մօրս եկեղեցին այցելելու. ըսաւ` «Չես կրնար մտնել ու հիմա ոստիկանութեան լուր կու տամ»: Կարեւորութիւն չտուի ու կօշիկովս մտայ մինչեւ խորանը, աղօթքս ըրի եւ դուրս եկայ:

Կարսէն մասնաւոր արտօնագիրով մը հասայ Անի քաղաք: Մուտքին թրքերէն եւ անգլերէն լեզուով գրուած էր` նկարելը արգիլուած է: Ես ճամբան փոխեցի ու պարիսպներուն ուղղութեամբ քալելով` բացուածք մը գտայ ու ներս սպրդեցայ: Նկարեցի ամբողջ ժապաւէնը, 36 նկար. Հովիւի եկեղեցին, Անիի մայր եկեղեցին եւ ուրիշ շատ մը կոթողներ: Այդ պահուն յանկարծ դէմս ցցուեցաւ թուրք զինուոր մը եւ ըսաւ` «Ի՞նչ է ձեռքինդ, ըսի` «քամերա է», ըսաւ` «Չե՞ս գիտեր, որ նկարելը արգիլուած է». կամացուկ մը գրպանէս հանեցի  20 ԱՏ ու իրեն երկարեցի` ըսելով` «Աֆ էտարսն» (ներողամիտ կ՛ըլլաս): Ան  վերցուց  20 տոլարը` ըսելով, որ ուրիշ անգամ չփորձուիմ: Ես քիչ մը հեռանալէ ետք, քամերային մէջէն հանեցի ժապաւէնը եւ քամերան Ախուրեան գետը նետեցի ու երբ Կարս վերադարձայ, գնեցի նոր քամերա մը: Անիէն ետք Իգդիր եւ Պայազիտ քաղաքները այցելեցի ու ապա բարձրացայ Արարատ լեռ` մինչեւ 2000 մեթր, ուր կար զինուորական պահակագունդ մը: Երբ տեսան, որ լեռ բարձրանալու արտօնագիր չունիմ, ըսին` արգիլուած է ու թոյլ չտուին, որ աւելի բարձրանամ:

Հոս կը վերջանայ իմ ոդիսականս, Լիբանան վերադարձայ պատմական Հայաստանի շուրջ 1000 նկարներով, որոնք հետագային զանազան քաղաքներու եւ երկիրներու մէջ ցուցադրուեցան` Այնճար, Պէյրութ, Սուրիա, Կիպրոս, Թորոնթօ, Մոնրէալ, Լոս Անճելըս, Հայաստան, Արցախ: Հազարաւոր մարդիկ, հայ եւ օտար այցելուներ կը դիտէին, կը վայելէին ու կը գնէին: Ես  առանց որեւէ նիւթական ակնկալութեան` զանոնք կը ձգէի կազմակերպող միութիւններու տրամադրութեան տակ:

Մէկ տարի ետք, 1999 թուականին, Քարմեն Լապաքիին հետ նոյն շրջապտոյտը կատարեցի «Էլ. Պի. Սի.» ընկերութեան չորս երիտասարդներու ընկերակցութեամբ: Քարմեն Լապաքին այդ շրջապտոյտէն ետք ժապաւէն մը պատրաստեց «Էրմեն ֆի Լիւպնան» անունով»:

Գ.- Լեւոնը Կամաւոր` Արցախի Կռիւներուն

Լ. Թաշճեան Ֆիզուլի, Ղարաբաղի կռիւներուն

Լեւոն Թաշճեանը խանդավառուած իր մարզական եւ նկարչական յաջողութիւններու պատմութիւններով, բոլորովին մոռցած էր 1992-1994 ժամանակաշրջանին իր ունեցած արկածախնդրութիւնները Արցախի մէջ: «1992 թուականի աշնան տասնեակ մը կամաւորներու հետ, ՀՅԴ կուսակցութեան կարգադրութեամբ կը մեկնիմ Հայաստան որպէս կամաւոր Արցախի կռիւներուն մասնակցելու համար», կը պատմէ Լեւոն: «Կը հասնինք Երեւան. քանի մը օր ետք Ղարաբաղի մէջ կը միանանք 800 հոգիէ աւելի ՀՅԴ կուսակցութեան կամաւորներուն: Առաջին երկու օրերուն սարսափի մէջ էի, բայց անկէ ետք վախը ամբողջութեամբ հեռացած էր ինձմէ: Մեզի տրամադրած էին զինուորական հագուստ, կօշիկ, զէնք: Շաբաթ մը մարզումներէ ետք բաժնուած էինք պզտիկ խումբերու ու կը կռուէինք զանազան ճակատներու վրայ: Մեր պատասխանատուն ղարաբաղցի էր, ձիւն-ձմեռ` մեզի համար նշանակութիւն չունէր, կը կռուէինք Ֆիզուլիի, Զանգելանի, Ճիպրայէլի, Աղտամի եւ այլ ճակատներու վրայ»: Լեւոնին համար կռուի այս առաջին փուլը կը տեւէ 9 ամիս, որմէ ետք Լեւոն կը վերադառնայ Լիբանան մէկ ամսուան արձակուրդով, ապա կրկին ճակատ կը մեկնի երեք ամիսով: 1994-ին զինադադար կ՛ըլլայ, ու Արցախի բանակին հիմը կը դրուի: Կամաւորներէն ոմանք կը միանան բանակին, իսկ կռիւը շարունակել չուզողները կը վերադառնան իրենց տուները: Լեւոնը կը զինուորագրուի բանակին ու կը ծառայէ երեք ամիս: Երբ հրաման կ՛ելլէ, որ արտասահմանցիները իրաւունք չունին բանակին մէջ ծառայելու, ան վերջնականապէս կը վերադառնայ Լիբանան` վերջ տալով Արցախի բանակին մէջ ծառայելու իր տենչերուն:

Լեւոնը մուսալեռցի պապուկին ու մամիկին ճամբայէն քալած էր ու սրտի գոհունակութեամբ կը վերադառնայ իր գիւղաւանը` Այնճար:

Լեւոն Թաշճեանը 2008-ին կ՛ամուսնանայ Այնճարէն Թամար Ինճէեանին հետ: 2013 թուականին անոնք կը բախտաւորուին եռեակ զաւակներով` Անի, Արին եւ Պետօ, որոնք այսօր 5 տարեկան են, աշխուժ ու խելացի ձագուկներ:

Լեւոն Թաշճեանը հպարտ է իր հայ ոգիով ապրած կեանքով` ըլլայ որպէս մարզիկ, նկարիչ, մարտիկ, ազգին նուիրուած անձ, բարի ու համեստ հայորդի:

16 սեպտեմբեր 2018

 

 

Լիբանանէն Նոր Ներդրումներ Կը Սպասուին

$
0
0

«Պիզնես Արմենիա»-ի խումբը, գործադիր տնօրէն Արմէն Աւակ Աւակեանի գլխաւորութեամբ, սեպտեմբեր 22-26 գործարարութեան առաքելութեամբ Լիբանան էր: Այցի ընթացքին Հայաստանի մէջ նոր ներդրումներու մասին պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են:

Ասիկա երրորդ արտագնայ գործարար առաքելութիւնն է դէպի Լիբանան: «Պիզնես Արմենիա»-ի խումբը գործնական փուլ  տեղափոխած է նախորդ այցերու ընթացքին ներդրումներու մասին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները եւ` նոր կապերու հիմք դրած: Շարք մը հանդիպումներ տեղի ունեցած են լիբանանեան ներդրողներու եւ գործընկեր կառոյցներու ղեկավարներու հետ:

«Ամէն նոր գործարար առաքելութեան ժամանակ կը թարմացնենք նախկին կապերը, բանաւոր պայմանաւորուածութիւնները աւելի գործնական փուլ կը տեղափոխենք եւ նոր ներդրումներ կը ներգրաւենք դէպի մեր երկիրը», նշած է «Պիզնես Արմենիա»-ի գործադիր տնօրէն Արմէն Աւակ Աւակեանը:

«Պիզնես Արմենիա»-ի խումբին հետ հանդիպման ընթացքին «Շետիտ քեփիթըլ հոլտինկ»-ի ղեկավար Ֆարիտ Շետիտը Հայաստանի մէջ ապահովագրական ընկերութեան մասնաճիւղ բանալու մտադրութիւն  յայտնած է: «Շետիտ քեփիթըլ հոլտինկ»-ը մասնաճիւղեր ունի աշխարհի 5 երկիրներու մէջ:

Մէկ այլ հանդիպման ընթացքին «Մակիտեկ» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Կարօ Մաթոսեանը մտադրութիւն  յայտնած է 250.000 տոլարի ներդրումներով Հայաստանի մէջ կերպընկալէ իրերու պատրաստման կաղապարներու եւ արդիւնաբերական մեքենաներու բաղադրիչներու արտադրութիւն հիմնել:

«Մակ ակրոքեմիքըլս» ընկերութիւնը կը քննարկէ Հայաստանի մէջ ընկերութեան  մասնաճիւղ բանալու հարցը. ընկերութիւնը կը զբաղի պարարտանիւթերու եւ թունաքիմիքատներու արտադրութեամբ: Շարք մը գործարարներ յառաջիկային պիտի այցելեն մեր երկիր` գործ հիմնելու ծրագիրներ ուսումնասիրելու:

«Լիբանանի մէջ մեր պատուիրակութիւնը «Պիզնես Արմենիա»-ի պաշտօնական ներկայացուցիչ Յարութիւն  Գունտագճեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի աջակցութեամբ կազմակերպած է այցելութիւններ շարք մը գործարաններ, հանդիպումներ  ունեցած է գործարար մարդոց հետ, որոնց շնորհիւ հայ-լիբանանեան նոր համագործակցութիւններու սկիզբ  դրած ենք», նշած  է «Պիզնես Արմենիա»-ի Միջազգային համագործակցութեան կառավարիչ Ալինա Եղիազարեանը:

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Յեղափոխութիւնն Արդիւնաւորենք Արժէքների Յեղափոխութեամբ

$
0
0

Իւրաքանչիւր յեղափոխութիւն իր շուրջն է համախմբում ազնիւ նպատակների եւ առաջադիմական գաղափարների կողմնակիցների, ովքեր երաշխաւորում են յեղափոխութեան յաղթանակը: Բնականաբար, իւրաքանչիւր յեղափոխութեան գլխագիրը, հիմնական կարգախօսը կազմւում է վեհ գաղափարներ կրող բառակապակցութիւններից: Այդպէս է եղել 1600-ականների` Անգլիայի յեղափոխութիւնից սկսած, մինչեւ 1700-ականների` Ֆրանսայի յեղափոխութիւնը, 1900-ականների` Ռուսաստանի եւ մեր օրերի յեղափոխութիւնների պարագայում:

Ազատութիւն, հաւասարութիւն, եղբայրութիւն, համերաշխութիւն, սէր, հանդուրժողականութիւն, վարդեր… Սրանք են եղել յեղափոխութիւնների կարգախօսները: Այսպիսի գեղեցիկ բառակապակցութիւններն իրենց մէջ կուտակել են այն ներուժը, որի միջոցով հնարաւորութիւն է ստեղծւում համախմբման ստեղծել առաջադիմական եւ թռիչքային նախաձեռնութիւններ: Իսկ զարգացման համար անհրաժեշտ են թռիչքային գաղափարներ եւ այդ գաղափարների թելադրանքով արուած գործնական քայլեր:

Այսպէս թէ այնպէս, մարդկութեան զարգացման  թռիչքային հանգրուանների նախօրեակին նկատելի են յեղափոխական մտածողութեան եւ ապստամբութեան երեւոյթներ: Արդի հասարակական գիտութիւնների տեսաբաններից շատերը համոզուած էին, որ 1979թ. Իրանի յեղափոխութիւնից յետոյ դասական յեղափոխութիւնների շարանն աւարտուել է, եւ դրանց յաջորդելու է քաղաքակրթութիւնների բախումը: Ի վերջոյ, քաղաքակրթութիւնների բախման գագաթնակէտը եղաւ 2001թ. սեպտեմբերի 11-ի ահաբեկչական գործողութիւնը, որին յաջորդեց Արեւմուտքի բիրտ ուժի ներթափանցումն Արեւելք` Աֆղանստան, որը մինչ այժմ շարունակւում է Սիրիայում: Այս բիրտ ուժի կողքին, արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը դեռեւս 1990-ական թուականներից փափուկ ուժի կիրառմամբ քաղաքակրթութիւնների բախմանն էր նախապատրաստւում: Քաղաքագէտ, փիլիսոփայութեան դոկտոր Ճին Շարփի կողմից 1993թ. հրատարակուած «Բռնապետութիւնից ժողովրդավարութիւն» աշխատութիւնը ուղեցոյց դարձաւ մի շարք գունաւոր ու թաւշեայ յեղափոխութիւնների, մասնաւորապէս` 2010-ից սկսուած Արաբական գարնան համար:

Անկախ այն հանգամանքից, թէ արդի ժամանակաշրջանում տեղի ունեցած յեղափոխութիւններն ինչքանով են կարողացել իրագործել իրենց կողմից հռչակուած արժէքներին համապատասխան հասարակական կարգեր, դրանք համախմբել են ժողովրդին եւ ստեղծել առաջընթացի ներուժ: Դա յեղափոխութեան արժէքն է, որն անկատար է, եթէ իր հետ չի բերում արժէքների յեղափոխութիւն:

Հայաստանում տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը դուրս չէ այս օրինաչափութիւնից: Պէտք է խոստովանել, որ Արաբական գարնան յեղափոխութիւնների շարանն անխտիր ձախողուեց, քանի որ չկարողացան յեղափոխութեան ենթարկել հասարակութեան մէջ տիրող արժէքային համակարգը, քանի որ հասարակութեան մէջ արդէն իսկ աւանդոյթ դարձած գործելաոճը նոյնութեամբ կիրառուեց «նորերի» կողմից: Դրա հետեւանքով կա՛մ «նորը» դարձաւ նորացուած «հին», կա՛մ «հինը» փոխվրէժի միջոցով վերագրաւեց կորցրած դիրքերը:

Հայկական յեղափոխութեան պարագայում բոլորիս պարտքն է չթողնել, որ «սէրն ու համերաշխութիւնը» վերածուեն «ատելութեան ու թշնամանքի», սեւի ու սպիտակի: Յեղափոխութեան արժէքն իմաստաւորւում է արժէքների յեղափոխութեամբ:

19 սեպտեմբեր 2018

Ինքնութենէն Անդին…

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Վերջերս նշանաւոր քաղաքագէտ Ֆրանսիս Ֆուքույամա հրատարակեց «Ինքնութիւն» խորագիրով գիրք մը, որուն վրայ կ՛արժէ կանգ առնել: «Ֆորէյն Աֆֆերզ»-ի սեպտեմբեր-հոկտեմբեր 2018-ի թիւին մէջ Ֆուքույամայի յօդուածը եւ ապա անոր գիրքը կարդալէ ետք միտքս եկան որոշ հարցադրումներ, որոնք անպատճառ եզրակացութիւններու չեն յանգիր: Այս յօդուածով կ՛ուզեմ ներկայացնել անոր կարծիքները եւ որոշ հարցեր բարձրացնել մեր ներկայ իրականութեան մասին:

Համաշխարհայնացումը եւ արդիականացումը Արեւմուտքի մէջ բաւական շեղեցին գաղափարական ձախ եւ աջ կուսակցութիւնները իրենց սկզբունքներէն: Ժամանակին ձախը, որ կը պաշտպանէր աշխատաւորներուն իրաւունքները եւ դասակարգային պայքար կը մղէր յանուն աշխատաւորներու միութեան, այսօր սկսաւ զօրակցիլ ինքնութեան հարցին: Բազմաթիւ մարքսական եւ անիշխանական շարժումներ, մէջը ըլլալով` նոր ձախը, սկսան յառաջ մղել կիներու, միասեռականներու եւ գաղթականներու դատերը: Իսկ աջ-ազատականը, որ միշտ ճանչցուած եղած է տնտեսական ազատականութիւնը պաշտպանելու եւ տնտեսական հարցերուն մէջ պետութեան միջամտութիւնը սահմանափակելու հարցերով, այսօր սկսաւ պաշտպանել այլախոհութիւնը եւ համաշխարհայնացումը: Եւ այսպիսով, ընկերային ու տնտեսական հարցերը անհետացան կուսակցութիւններու ծրագիրներէն եւ ինքնութիւնը դարձաւ անոնց ծրագիրը:

Սակայն ինչո՞ւ այս աւանդական կուսակցութիւնները ստիպուեցան զիջիլ իրենց գաղափարներէն, եւ ինչպէ՞ս մէջտեղ եկաւ ծայրայեղ աջը:

Համաշխարհայնացումը սկսաւ փոխել ընկերութիւններ եւ գաղութներ, եւ հոս տնտեսական փոփոխութիւններու մասին չենք խօսիր, այլ` արմատական փոփոխութիւններու մասին: Մշակոյթներ սկսան փոխուիլ, Եւրոպան մէկ դար առաջուան «քրիստոնեաներու ակումբը» չէ այլեւս, ո՛չ ալ Միացեալ Նահանգները` ճերմակամորթներու կամ սեւամորթներու երկիրը. հոս նոր գոյներ եւ շարժումներ ծագեցան, ուր ամէն մէկ խումբ կը փորձէ իր ինքնութիւնը բարձր պահել: 1960-ականներուն սեւամորթները Միացեալ Նահանգներու մէջ պայքար մղեցին, որպէսզի ճերմակամորթներուն նման իրաւունքներ ունենան, ստացան քաղաքական իրաւունքներ, սակայն տակաւին խտրականութիւն կայ: Իսկ այսօր այդպէս չէ, այլ սեռային նոր խմբաւորումներ կը պահանջեն ինքնուրոյն ինքնութիւն ունենալ եւ այդպէս ճանչցուիլ պետութեան ու իրենց շրջապատին կողմէ: Ճանչցուիլ ոչ թէ արտաքին տեսքով, այլ ինչպէս որ իրենք կ՛ուզեն ճանչցուիլ:

Ըստ Ֆուքույամայի, պահպանողական խաւը, որ բաղկացած է գիւղացիներէ, հետզհետէ ճանչցաւ, որ իր ընկերային եւ տնտեսական առաջնահերթութիւնները անտեսուած են թէ՛ պետութեան եւ թէ՛ ընկերութեան կողմէ:

Ֆուքույամայի կարծիքով, եւրոպացիները, մասնաւորապէս անոնք, որոնք հողատէրեր էին կամ կու գան աւանդական ընտանիքներէ, իրենց շահերուն դէմ վտանգ տեսան: Այս վտանգը, ըստ իրենց, ունէր մշակութային, կրօնական եւ ինքնութեան երեսներ: Մշակութային վտանգը օտար ազգերու հոսքն էր դէպի Եւրոպա, մասնաւորապէս գաղթականները, որոնք պիտի վտանգէին եւրոպական ազատական կամ աւանդական արժէքները: Երկրորդ վտանգը իսլամներու վտանգն էր: Հոս ահաբեկչութեան եւ բռնութեան խնդիր կը ծագէր: Եւրոպացիին աչքով, իսլամութեան մէջ չկայ այլախոհութիւն, այլ իսլամութիւնը այն կրօնն է, որ բռնութեան կ՛ենթարկէ այլ կրօններ եւ սեռային խտրականութեան արժէքներու վրայ հիմնուած է: Վերջապէս` ինքնութեան խնդիրը. եւրոպացին ըլլայ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի կամ արեւելեան Եւրոպայի մէջ, սկսաւ պայքարիլ իր ինքնութեան համար եւ հարց տալ, թէ ո՞ւր է հանդուրժողականութեան սահմանը եւ ինչո՞ւ կամ վասն ինչի՞ պիտի զիջի իր ազգային ինքնութենէն:

Բայց աւանդական կուսակցութիւնները այս բոլորը հաշուի չառին, այլ անոնք փորձեցին սիրաշահիլ սեռային եւ ցեղային փոքրամասնութիւնները: Ասիկա յստակ էր Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր սեւամորթները, միասեռականները, իսլամները եւ մեքսիքացիները քուէարկեցին յօգուտ Հիլըրի Քլինթընին, իսկ կաթողիկէները եւ աւետարանականներու մեծամասնութիւնը քուէարկեցին Տոնալտ Թրամփին: Սակայն գիւղերուն մէջ, ուր ճերմակամորթները մեծամասնութիւն կը կազմեն, մարդիկ տեսան, որ իրենց պահանջները անտեսուած էին նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի վարչամեքենային օրով: Հետեւաբար բնական էր, որ անոնք իրենց քուէն պիտի տային Թրամփին, որ գաղթականներուն եւ այլախոհներուն դէմ ընտրապայքար կը մղէր:

Հետեւաբար գաղափարական սնանկութիւնը, որ 21-րդ դարուն աջակողմեան եւ ձախակողմեան կուսակցութիւնները ապրեցան, պատճառ դարձաւ, որ ծայրայեղ աջը ծնունդ առնէ: Այսպիսով, ինքնութեան խնդիրը դարձաւ զէնք մը` աջակողմեան շարժումներուն ձեռքը: Արդեօք այս բոլորը մեզի չե՞ն յիշեցներ Գերմանիան 1920-ականներուն, երբ ժողովուրդը քուէարկեց ի նպաստ նացիներուն, պարզապէս որովհետեւ ոչ մէկ յոյս տեսաւ աւանդական կուսակցութիւններուն մէջ:

Ինքնութիւնը դարձնելով քաղաքականութեան սուրը` շատ աւելի պիտի վտանգուի արեւմտեան ընկերութիւնը, ուր քայքայուած եւ բաժան-բաժան եղած ընկերութիւնը շատ աւելի դիւրին կ՛ըլլայ հարուածելը, եւ ասիկա կը սկսի տկարացնելով անոր ազգային արժէքները:

Վերջապէս, ժամանակը ուշ չէ, որ աւանդական կուսակցութիւնները Արեւմուտքին մէջ վերադառնան իրենց արմատներուն, վերատեսութեան ենթարկեն իրենց ընկերային-տնտեսական ծրագիրները եւ հեռու մնան ինքնութեան շահագործումներէ: Անշուշտ ասիկա ըսել չէ, որ պէտք է անտեսուի ցեղային կամ սեռային փոքրամասնութիւններու եւ կամ գաղթականներու իրաւունքը, սակայն անոնք պէտք է ներառուին ընկերային-տնտեսական ծրագիրներու մէջ եւ ոչ թէ օգտագործուին հարուածելու համար մեծամասնութեան շահերը:

Շատերուն համար կրնայ ծանր թուիլ, սակայն այսպիսի մօտեցումներ եւ քննարկումներ նախ պէտք է սկսիլ համալսարաններու մէջ: Սակայն անհանդուրժողականութիւնը եւ ծայրայեղականութիւնը կը սահմանափակեն որեւէ տեսակի երկխօսութիւն կամ այլակարծութիւն: Երբ անձնական կարծիքս յայտնեմ գաղթականներու հարցին մասին, միշտ ալ լսած եմ` «դուք ալ հայ էք, ժամանակին գաղթական էիք», կամ ալ` «ֆաշական» եւ այլ խօսքեր: Բայց զարմանալին այն է, որ երբ ժողովուրդէն խաւ մը աջակցի ազգայնական շարժումներու, բոլորը կը սկսին հետազօտութիւններ ընել, թէ ինչո՛ւ ասիկա կատարուեցաւ: Մոռնալով, որ պատասխանը հոն է, իրենց մէջ, հեռու պէտք է մնալ ինքնութեան քաղաքականացումէն:

Yeghia.tash@gmail.com

 

Տեսակէտ. Հպարտութեան Առիթ Մը Եւս. Սեպտեմբեր 23-ի Ընտրութիւններուն Առիթով

$
0
0

ՄԱՐՏԻԿ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Հայաստանի մէջ սեպտեմբեր 23-ին տեղի ունեցան Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները, որոնց  կանխող քարոզարշաւին շատ բան խօսուեցաւ ու գրուեցաւ թեկնածուներուն ու զանոնք հովանաւորող ուժերուն կողմէ: Լրատուամիջոցներու ու ընկերային ցանցերու վրայ երեւցան բազմաթիւ վերլուծումներ, կեցուածքներ ու գնահատումներ:

Այսօր ընտրութիւնները աւարտած են, եւ արդիւնքները` յստակացած:

Քաղաքական բոլոր ուժերը վստահաբար սկսած են քննել այդ արդիւնքները եւ վերլուծել անոնց պատճառները, թէպէտ այդքան ալ միամիտ պէտք չէ ըլլալ կարծելու, որ այդ ուժերէն շատեր մօտաւորապէս չէին գիտեր այդ արդիւնքները:

Անշուշտ շատ կարեւոր է, որ այդ վերլուծումները կատարուին, եւ ամէն մէկ քաղաքական կուսակցութիւն եւ ուժ որոշ եզրակացութիւններու յանգի եւ անոնց հիման վրայ որոշէ իր քայլերը, մանաւանդ` նախատեսուած խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն կապակցաբար: Ընտրութիւններ, որոնք պիտի ըլլան վճռորոշ եւ անկիւնադարձային, Հայաստանի մէջ ձեւաւորուող յետթաւշեայ յեղափոխութեան, քաղաքական նոր իրավիճակին բիւրեղացման առումով:

Թաւշեայ յեղափոխութիւնը իր ընթացքը կը շարունակէ, եւ դրական մթնոլորտը, որ ստեղծուած է, կը շարունակէ աւելի քան յուսալի նշաններ ցոյց տալ Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ:

Հայ մարդուն մէջ սկսած են աւելնալ լաւատեսական տրամադրութիւնները Հայաստանի անմիջական ապագային նկատմամբ` ի տես այս ընտրութիւններուն եւ անոնց նկատմամբ դրսեւորուած դրական կեցուածքներուն` նոյնինքն այդ քաղաքական ուժերուն կողմէ, որոնք մասնակցեցան այդ ընտրութիւններուն, եւ անշուշտ նաեւ` այն գնահատականներուն, որոնք կը տրուին միջազգային շրջանակներու կողմէ:

Այս ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք անոնց մասնակից դարձած գրեթէ բոլոր ուժերը իրենց գնահատականները տուին ընտրութեան արդար ու թափանցիկ, քաղաքակրթական ըլլալուն մասին:

Կարեւորութեամբ պէտք է արձանագրել այն փաստը, որ ընտրութիւններուն ընթացքը եւ յետընտրական գնահատականները` անոնց մասնակցած քաղաքական ուժերուն կողմէ, ցոյց կու տան քաղաքացիական այն բարձր մակարդակը, որ յատուկ է քաղաքացիական բարձր գիտակցութիւն ունեցող շատ մը երկիրներու:

Այս իրողութիւնը ողջունելի է եւ յուսադրիչ, կարելի չէ երեւակայել հայ մը, որ չհպարտանայ ընտրութիւններուն ազատ եւ արդար կայացումով: Այս պատուաբեր ընթացքին համար շնորհաւորելի են թէ՛ Հայաստանի իշխանութիւնները եւ թէ՛ այս ընտրութիւններուն մասնակից քաղաքական ուժերը:

Գովելի այս ընթացքով բոլորիս կը մնայ աւելի եւս ամրապնդուիլ` յանուն այն հայրենիքին, որ չի կրնար մեր բոլորիս երազանքը չըլլալ:

Մօտիկ անցեալին ոչ մէկը կրնար կանխատեսել այս բոլորը:

Դեռ երկար ճամբայ ունինք մեր առջեւ:

 

Viewing all 12135 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>
<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596344.js" async> </script>