Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12135 articles
Browse latest View live

21 Սեպտեմբեր 2018. Վերանկախութեան 27-րդ Տարեդարձը

$
0
0

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Ա՜խ հայրենիք, երբ պիտի տեսնեմ քեզ
Ուրախ, զուարթ, ապահովուած, առանց ցաւ,
Ա՜խ հայրենիք, երբ պիտի տեսնեմ
Գահիդ նստած հայ իշխան,
Հայ տառերով գրեր հայոց հրաման»:

Հայրենիքի անկախացումը ինքնին փառահեղ եւ խորախորհուրդ պատգամ մըն է ողջ հայութեան համար, ի մասնաւորի` սփիւռքահայութեան համար, որ թափառական` օտարութեան մէջ երկար տարիներ մարտնչեցաւ, պայքարեցաւ եւ շատ անգամ զոհաբերուեցաւ անկախ հայրենիքի գերշքեղ տեսլականով:

Թուականէս 27 տարիներ առաջ մեր հայրենիքի հերոս եղբայրները աւելի քան 70 երկար տարիներ խորհրդային  շարքերու լուծին տակ ըլլալէ ետք, իրենց հրաշալի միասնական կեցուածքով կրցան կտրել շղթաները, եւ անգամ մը եւս անկախ հայրենիքի դրօշը ծածանեցաւ Հայաստանի երկինքի վրայ` իրականացնելով իղձը, երազը` միլիոնաւոր նահատակներու:

Անկախ հայրենիքը լոյսի եւ յոյսի փարոս մը եղաւ հայ ազգին համար, մասնաւորապէս` օտար ափերու վրայ գտնուող սփիւռքահայուն: Հայրենիք մը, ուր ի վերջոյ հայը կ՛ապրի հայօրէն, ազատօրէն, որ տունն է եւ պաշտպանն է իր բոլոր զաւակներուն:

27 տարիներ ետք, դժբախտաբար, ո՛չ յաղթապանծ ոգիով է, որ կը կատարեմ այս հաստատումը, որ մենք չկրցանք, նոյնիսկ ձախողեցանք իրականացնել այն գեղեցիկ երազները, որ ունէինք մեր անկախացած հայրենիքին համար: Չկրցանք վերածել հայրենիքը այն դրախտավայրին, որ մենք աւելի քան հարիւր տարի պատկերացուցինք մեր միտքերուն մէջ. այո՛, ստոյգ կերպով եղան բազմաթիւ ժխտական արարքներ` շահագործելու սփիւռքահայուն անսակարկ հայրենասիրութիւնը, բազմաթիւ արարքներ` շողոքորթելու ափիւռքահայուն ճակտի քրտինքով հայրենիքի նուիրուած լուման եւ, այսպիսով, սփիւռքը սկսաւ կորսնցնել կողմնացոյցը եւ ահաւասիկ «երազային հայրենիքի» տեսլականը սկսաւ կամաց-կամաց ջնջուիլ նոր սերունդին միտքերուն մէջէն: Բայց չե՛մ հաւատար եւ չե՛մ ընդունիր, որ մեր հայրենի եղբայրներն ու քոյրերը մաս կը կազմեն այդ վատ  ցեցերուն, եւ բարձրաձայն կ՛ուզեմ հաստատել, որ անոնք անմեղ ականատեսներն էին, իսկ դերակատարները` անհատներ, խմբակցութիւններ կամ կազմակերպութիւններ, դաստիարակուած խորհրդային իշխանութենէն մնացած օգտուելու հոգեվիճակով, այժմ` պատեհապաշտ չարամիտներ, որոնք առեւանգեցին մեզմէ հայրենիքը իր հաստատութիւններով` վերածելով զայն իրենց անձնական խաղավայրին: Այսպիսով, հայրենիքը սկսաւ պարպուիլ, իսկ յուսաբեկ սփիւռքը սկսաւ մաշիլ, ինչպէս հաստատեց Արամ Ա. կաթողիկոսը իր հռչակաւոր ճառերէն մէկուն մէջ:

Բարեբախտաբար անգամ մը եւս մեր ողջամիտ ընտիր հայրենի քոյրերն ու եղբայրները 27 երկար տարիներ սպասելէ ետք փաստեցին, որ իրենք երբեք համաձայն չեն այդ ժխտական իրավիճակին եւ բացարձակ չեն բաժներ նոյն երազները այդ «խմբակցութիւններուն»: Այսպիսով, ժողովրդային աննախընթաց պատմական մեծ պոռթկումով մը յեղաշրջեցին ամբողջ անցեալի տիրող կազմը եւ իրենց ազատ ու անկախ կամքով ընտրեցին յարգարժան Նիկոլ Փաշինեանը` իբրեւ իրենց ղեկավարն ու առաջնորդը, եւ ահա անգամ մը եւս փայլուն ապագայի յոյսը կը շողշողայ մեր սրտերուն մէջ, եւ պայծառ ապագայի տեսլականը անգամ մը եւս վերապրեցաւ ողջ հայութեան միտքերուն մէջ: Յոյսի նշոյլները սկսան վերածնիլ, ի մասնաւորի` սփիւռքահայութեան սրտերուն մէջ, որովհետեւ սփիւռքը ինքզինքը երբեք չէր ընդունած իբրեւ ինքնանպատակ գոյութիւն: Ան ապրեցաւ, ծրագրեց, գործեց եւ պայքարեցաւ միշտ հայրենիքի համար, այն հայրենիքը, որուն համար դարեր շարունակ մեր պապերը իրենց արեւն ու արցունքը թափեցին, հաւատքն ու յոյսը խառնեցին մեր սրբազան հողին:

Այս պահուն կ՛ուզեմ մէջբերել լիբանանահայ արձակագիր, մտաւորական, վաստակաւոր մշակ Արա Արծրունիի գերիմաստալից խօսքը` «Ճշմարիտ հայրենասիրութիւնը հայրենադարձութիւնն է միայն»: Կը կրկնեմ` «Ճշմարիտ հայրենասիրութիւնը հայրենադարձութիւնն է միայն»: Կ՛ուզեմ պահ մը կանգ առնել այս խորախորհուրդ նախադասութեան առջեւ:

Ո՞ւր են արդեօք այսօր Հնդկաստանի մեր 600 հազար հայորդիները:

Ո՞ւր են արդեօք Լեհաստանի մեր 400 հազար եղբայրները, Թիֆլիսի 500 հազար հայերը, Պաքուի 400 հազար հայորդիները. Խրիմի, Պալքանեան երկիրներու մեր ազգակիցները, իսկ ամէնէն սահմռկեցուցիչ հարցումը, որ վախով ես ինծի կու տամ, որ այսօրուան հայահոծ սփիւռքի հայաւանները արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլան 50 տարիներ ետք: Հսկայ հոսք դէպի մեծ ձուլարաններ:

Այո՛, սփիւռքի համար միշտ յստակ էր, որ առանց հայրենադարձութեան` մենք ուշ կամ կանուխ դատապարտուած ենք կորուստի: Ի զուր չէ, որ յղացուեցաւ «Դէպի Երկիր» նշանաբանը, ապա շեշտուեցաւ` «Շո՛ւտ գացէք, շա՛տ գացէք»:

Յարգելի՛ հայրենակիցներ, եկէք` այսուհետեւ չայպանենք մեր հայրենիքի քոյրերն ու եղբայրները, որովհետեւ անհեթեթ ու անհիմն պատճառաբանութիւնները պարզապէս ժամավաճառ կ՛ըլլան գերագոյն նպատակին առջեւ: Հայրենասիրութիւնը հայրենադարձութեան մէջ է. հայրենիքի անկախացումէն 27 տարիներ ետք կարիքը ունինք հաւատքի վերանորոգման, կամքի պրկումի, ազգային գիտակցութեան վերազարթօնքի եւ անգամ մը եւս իբրեւ սփիւռքահայ պէտք է նայինք Հայաստանին` մեր արեան կանչով մեր ազգային պատկանելիութեամբ, որպէս մեր յաւերժական հայրենիքի:

Դէպի հայրենիք, ա՛յս պէտք է ըլլայ մեր ներկայ նշանաբանը` միասնաբար կերտելու տիպար, հզօր հայրենիք մը, հիմնուած` արդարութեան եւ ընկերային լաւագոյն պայմաններու վրայ, ի մտի ունենալով իր զաւակներուն առաւել ու առաւել բարգաւաճումը եւ բարելաւումը: Հայրենիք մը` պաշտպան ու գուրգուրացող անխտիր իր ամբողջ զաւակներուն վրայ, ի վերջոյ հայրենիք մը, որ խթանը կ՛ըլլայ մեր գերագոյն երազի իրականացման, որն է կերտումը միացեալ, ազատ, անկախ Հայաստանի:

Ապրի՛ք, ապրի՛ վեհ հայ ժողովուրդը:

 

 

 

 

 


Արարատի Գագաթին` Եռագոյն Պարզել Կ՛ուզեմ…Իրականացած Փափաք Եւ Շօշափելի Երազ

$
0
0

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Արարատագնացութիւն…

Կանգնիլ բիւրեղ գագաթին այն լերան, որ հայութեան դարաւոր ժառանգութիւնն է, իսկ զայն վերադարձնելը` աւելի քան մէկ դարու անշիջելի կտակ:

Կանգնիլ ու հպարտանալ, կանգնիլ ու երդուել, կանգնիլ ու լալ, խնդալ, ուխտել, լիանալ, բայց անպայման` աւելի հայանալ…

Կանգնիլ այդ սպիտակ ու անբիծ սաւանին վրայ, անպայման հասնիլ հոն, մանաւանդ երբ հոգեկան, ֆիզիքական եւ գումակային ամէն տեսակ նախապատրաստական աշխատանք տարած ես` ոտքդ ուժգին դնելու այդ երազային գագաթին:

Կանգնիլ ՄԵԾ Մասիսին վրայ եւ, հայկականութեամբդ աւելի զօրացած, վերադառնալ սփիւռքի հայկական տարբեր գաղութներ, որոնց գոյութեան պատճառը Արարատէն մեզ բռնի կերպով հեռացնելու արհաւիրքն էր, ուխտել Արարատին գագաթէն` զայն կրկին հայութեան գիրկը վերադարձնելու…

22 տղաք ու աղջիկներ, մեծամասնութեամբ` ՀՄԸՄ-ականներ, անձնական նախաձեռնութեամբ, հայու եւ միութենականի որոշումով, մէկուկէս միլիոն նահատակներէն փոխանցուած սրբազան պատգամին հաւատարիմ` 11 յուլիսին երազի մը իրականացման վկաները եղան ու Եռագոյնն ու ՀՄԸՄ-ի դրօշը բարձրացուցին Արարատի սէգ գագաթին` իրենց այս արարատագնացութիւնը նուիրելով Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան եւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան զոյգ պանծալի առիթներուն: 

Այս առիթով «Ազդակ» իր յարկին տակ հիւրընկալեց Լիբանան գտնուող լեռնագնացները, իսկ բացականերէն ոմանք իրենց տպաւորութիւնն ու զգացումները փոխանցեցին գրաւոր (դիմումը յղուեցաւ բոլորին): «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ ծաւալած շուրջ երկու ժամուան զրոյցին իրենց ներաշխարհին ալեկոծումները, գոհունակութիւն եւ ընդվզում պատճառած պահերը, յիշարժան դէպքերը, Արարատին վրայ իրենց կեցութեան իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն բաժնեկցեցան Արտա Զէյթունլեան, Պետիկ Գասպարեան, Մենար Պոյաճեան, Բեկոր Եագուպեան,  Աննա Քէօմպէճեան եւ Կասիա Դիմիճեան:

Նման ծրագիր մը կեանքի կոչելու միտքը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է այս խմբակին զանազան անդամներուն մօտ, անոնք բոլորն ալ փափաքը ունեցած են օր մը Արարատ բարձրանալու, ուրիշներ` Ռուբէն Նալպանտեանը (2010-ին), Պետիկ Գասպարեանն ու Կարինէ Սիսեռեանը (2012-ին) արդէն իսկ ապրած էին այս աննման փորձառութիւնը: Զուտ անձնական նախաձեռնութեամբ, շուրջ 7 ամիս առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին առիթով խումբով Արարատ բարձրանալու գաղափարը ծնունդ առած էր, կամաց-կամաց սկսած էր բիւրեղանալ, իրականութիւն դառնալու պարունակին մէջ մտնել եւ անհրաժեշտ դասաւորումները կատարուած էին:

Հիմնական նպատակը անակնկալ ընելն էր, իսկ ատիկա իրականացնելու համար գաղտնապահութիւնը կարեւոր էր, եւ այդ պատճառով նոյնիսկ կարգ մը անձերու ընտանիքի անդամները տեղեակ չէին այս ծրագիրէն, խորքին մէջ` իւրաքանչիւր ընտանիքէ միայն մէկ անդամ լուր ունէր, այդ ալ որովհետեւ անոնք առարկաներ փոխադրած եւ համապատասխան դասաւորումներ ըրած են:

Արտա Զէյթունլեան ըսաւ. «Երբ Ռուբէնը ինծի կապուեցաւ, չեմ գիտեր եթէ Լիբանանէն ուրիշներու կապուած էր, ըսաւ, թէ կ՛ուզէ յաջողցնել ծրագիր մը` Հայաստան երթալու, հոնկէ ուղղուելու Արարատ եւ լեռը բարձրանալու: Նախորդ տարուան նոյեմբերի աւարտ կամ դեկտեմբերի սկիզբ էր: Չեմ գիտեր ո՛վ որո՛ւ լուր տուաւ, բայց բոլորս համոզուած էինք, որ պէտք է գաղտնաբար շարժէինք: Այդ պատճառով ալ մասնակիցներու շրջագիծը չկրցանք ընդարձակել, շատեր կ՛ուզէին մասնակցիլ, բայց չկրցան, որովհետեւ տեղեակ չեղան, ուրիշներ ներգրաւուած էին, տարբեր պատճառներով չշարունակեցին:  Վերջաւորութեան խմբակի անդամներուն թիւը եղաւ 22»:

Աննա Քէօմպէճեան ըսաւ. «Պետիկին երկրորդ մագլցելուն շատ խանդավառուեցայ, եւ որոշեցի ես ալ օր մը բարձրանալ Արարատը` հօրս յիշատակին: Թուականը սերտուած էր այնպէս, որ բոլորին յարմար ըլլայ, մանաւանդ որ կար կարեւոր թիւ մը, որ ՀՄԸՄ-ի Արարատեան կարգին եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումին պիտի մասնակցէին, ուստի մէկ քարով երկու թռչուն որսացած եղանք»:

Պետիկ Գասպարեան, որ լաւապէս տեղեակ էր անցուդարձերէն, նշեց. «Նկատի ունենալով, որ լեռը բարձրացած եմ նախապէս, ծանօթ էի, թէ ինչպէ՞ս է ընթացքը: Իւրաքանչիւր լեռ բարձրանալէս ետք շատեր հարց կու տային, թէ ինչպէ՛ս է այս փորձառութիւնը, եւ միշտ ալ խանդավառութեամբ կը լեցուէին: Միշտ ալ կար այն փափաքը, որ օր մը Արարատ բարձրանալու փափաք ունեցողներու խմբակով մը հասնինք գագաթ: Հաստատեմ, որ այս ծրագիրը ընկերներով սկսաւ, ընկերաբար շարունակուեցաւ եւ իր աւարտին հասաւ այդպէս, ոչ մէկ պաշտօնական հանգամանք կար: Շուրջ 10 երկիրէ աւելի էինք, մեր մէջ կային նաեւ ոչ ՀՄԸՄ-ականներ: Կատակով սկսած ծրագիր մըն էր, որ իրականութիւն դարձաւ, նախ յառաջացաւ կորիզ մը, որ քիչ մը ընդլայնեցաւ, եւ յառաջացաւ խմբակ մը: Ըսեմ, որ խումբին մէջ կային անձեր, որոնք փոքր լեռ նոյնիսկ չէին բարձրացած, սակայն, ինչպէս իւրաքանչիւր հայ, փափաք ունէին Արարատ բարձրանալու: Այսպէս սկսաւ ծրագիրը միս ու ոսկոր առնել, քիչ-քիչ աւելի լրջանալ. մեր միջեւ եղած զրոյցներուն ընթացքին անդրադարձանք, որ մեր բարձրանալու թուականը հեռու չէ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի եւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններէն, ուստի որոշեցինք այս լեռնագնացութիւնը նուիրել այս զոյգ առիթներուն, մանաւանդ որ գրեթէ բոլորս ՀՄԸՄ-ի մէջ հասակ առած ու դաստիարակուած խմբապետներ էինք. միութենականներուս համար ալ կարեւոր էր, որ Եռագոյնը պարզենք Արարատի գագաթին` Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով:

«Նախ մտածեցինք, որ իւրաքանչիւրը իր երկրէն ուղղուէր Թուրքիա, հոն համախմբուէինք, սակայն նկատի ունենալով Թուրքիոյ քաղաքական-ապահովական խառն վիճակը, որոշեցինք Հայաստան հանդիպիլ եւ ցամաքի ճամբով` Վրաստանի վրայով անցնիլ Թուրքիա»:

Անոնք պատմեցին. «Յուլիս 8-ին հաւաքուեցանք Հայաստան, ուր Պետիկը տեղեկացուց, որ անպաշտօն կերպով ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն պարզած է մեր ծրագիրը` նշելով, որ  եթէ կրցանք յաջողութեամբ բարձրանալ Արարատը եւ հոնկէ բերել ջահ մը, հաւանաբար կարելի կ՛ըլլայ միացնել ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներուն շիրիմներէն եւ Հայոց ցեղասպանութեան Նահատակաց մատուռէն վառած ջահերուն, որոնցմով պիտի կատարուէր մեկնարկը ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն: Ըսինք, որ եթէ յաջողինք, կը բերենք ջահը, կը յանձնենք ձեզի, եւ վարչութեան կը մնայ տնօրինել, թէ ի՞նչ պիտի ընէ:

«Յուլիս 9-ին առաւօտ կանուխ ճամբայ ելանք  Վրաստանի ճամբով դէպի Թուրքիա (պատմական Հայաստան): Սահմանին վրայ թուրք զինուորներէն մէկը Կասիային հարցուց, որ այդ ցօղը ինչի՞ համար է. նախապէս որոշած էինք ըսել, թէ Վրաստանի մէջ լեռ բարձրացած ենք: Այդպէս ալ ըրինք:  Թուրքիոյ սահմանը անցնելէ ետք մեզի ընկերացաւ այն քիւրտը, որ նաեւ մեզի հետ Արարատ պիտի բարձրանար եւ որ ծանօթ էր այն տղոց, որոնք նախապէս բարձրացած էին Արարատ: Հասանք Կարս, ճաշի դադարէն ետք մեր քիւրտ առաջնորդը առաջարկեց պտտցնել Կարսի մէջ: Կարսի հայկական եկեղեցին արդէն հեռուէն նշմարելի էր, բոլորս խանդավառ էինք, որ հայկական եկեղեցին պիտի տեսնենք: Նախքան մեր հասնիլը, արդէն անոր շուրջ տեսանք բազմաթիւ մզկիթներ. մեծ եղաւ մեր զարմանքը, երբ մեր առաջնորդը ըսաւ, որ ատիկա մզկիթ է, պէտք է մեր կօշիկները հանենք եւ գլուխները ծածկենք, որպէսզի մտնենք… կառոյցով հայկական, սակայն մզկիթի վերածուած այդ կառոյցը, զոր տեսնելու անհամբերութիւնը արդէն ծանր յուսախաբութեան վերածուեցաւ յանկարծ: Եկեղեցւոյ վրայէն խաչը վերցուած էր, հազիւ հասանք` իրենց նամազը սկսաւ… Ոմանք զայրացան, մերժեցին մտնել, ուրիշներ չուզեցին իրենց գլուխները ծածկել»:

Պետիկ Գասպարեան յայտնեց, որ ինք նախապէս տեսած էր մզկիթի վերածուած այդ հայկական եկեղեցին եւ փափաքն էր, որ իր ընկերներն ալ տեսնեն: «Յաճախ կը լսենք, որ մեր եկեղեցիները պղծած են, մզկիթի վերածած, սակայն երբեք իսկապէս չենք տեսած: Կ՛ուզէի, որ գետնի վրայ տեսնենք իսկութիւնը, ատոր համար ալ քաջալերեցի ընկերներս մտնելու, ականատես դառնալու մեր արժէքներուն նկատմամբ թուրքերուն կատարածին, իսկ աւելի ուշ պատմելու, թէ իրենք ի՛նչ տեսան ու ի՛նչ զգացին», ըսաւ Պ. Գասպարեան: Կասիան աւելցուց, որ տակաւին չէին հաւատար նման բանի, սակայն հազիւ եկեղեցի մտած, արդէն նկատեցին, որ դիմացը խորան չկար, փակուած էր, ոսկեգոյնով «Ալլահու աքպար» գրուած էր: «Երբ ասիկա տեսանք, արդէն շատ արագ դուրս ելանք», ընդգծեց ան: Ըստ Աննա Քէօմպէճեանի, շատ նեղացուցիչ էր այն զգացումը, որ քուկդ է այդ եկեղեցին, սակայն դուն հոն օտար ես, հոն հիւր ես, այդ ալ` թուրքերուն մօտ:

Լեռնագնացները շարունակեցին` մէկը միւսին միտքը ամբողջացնելով. «Մեր առաջնորդը յաւելեալ տեղեկութիւն տուաւ մեզի Կարսի մասին, ըսաւ, որ եկեղեցւոյ ճիշդ դիմաց գտնուած գետին միւս կողմը ժամանակին կը նկատուէր հարուստ հայերու թաղ, ան մեզի տարաւ հոն, նաեւ գացինք ու տեսանք Եղիշէ Չարենցի տնակը, որ փլատակ է, խոտեր ծաղկած են, անխնամ վիճակի մէջ է: Նախապէս հայկական եղած  թաղամասերը, շէնքերուն ճարտարապետութիւնը ուղղակի կը յիշեցնէին Գիւմրին: Ապա ուղղուեցանք դէպի 1001 եկեղեցիներու քաղաք Անի, որուն պարիսպին վրայ ծածանող թրքական դրօշակը արդէն ցնցեց մեզ, թէեւ շատ նկարներ տեսած ենք, սակայն իրականութեան դէմ յանդիման ըլլալը տարբեր է: Հոն ալ կար եկեղեցի մը, որ յարաբերաբար  ընդունելի վիճակի մէջ էր, սակայն արդէն մզկիթի վերածուած էր, միւսները կիսաքանդ վիճակի մէջ էին, քանի մը քար վրայ-վրայի, ինչ որ յուզիչ էր, «որովհետեւ կը մտածես, որ մեր պապերուն հետքն իսկ քիչ-քիչ կ՛անհետանայ, նաեւ այն, որ ժամանակին որքան մեծ թիւով հայեր ապրած են հոն, կառուցած են, սակայն հիմա կատարեալ ամայութիւն է», ըսաւ Արտա Զէյթունլեան: Թէեւ Անիի մէջ գտնուելով կը զգաս, որ ամէնուրեք եկեղեցի է, իսկապէս եկեղեցիներու քաղաք եղած է, սակայն այսօր փլատակ է ամէն տեղ, այդ գեղեցիկ եկեղեցիներէն պատ մը, սիւն մը մնացած է պարզապէս»:

Մենար Պոյաճեան պատմեց, որ երբ Անիի մէջ կը գտնուէին միւսներէն աւելի մեծ եկեղեցւոյ մը մէջ, որուն գմբէթը գոյութիւն չունէր, ընդվզեցուցիչ դէպք մը պատահած է: «Կային զբօսաշրջիկներ, որոնց հետ բնականաբար կար առաջնորդ մը, որ կը բացատրէր եկեղեցւոյ պատմութիւնը: Ես բաւական թրքերէն կը հասկնամ, սակայն կան բառեր, որոնք անծանօթ են ինծի. կրցայ հասկնալ այն, որ այդ առաջնորդը պատմութիւնը իր տեսակէտէն կը ներկայացնէ զբօսաշրջիկներուն` ըսելով, թէ այդ տարածքը թրքական եղած է միշտ, սակայն նկատի ունենալով, որ հայեր ապրած են հոն, եկեղեցի կառուցած են: Այդ առաջնորդը նաեւ ոչ մէկ յարգանք ունէր եկեղեցւոյ նկատմամբ, ձեռքը ծխախոտ, անճիշդ բացատրութիւններ կու տար, նաեւ քիչ անդին եկեղեցւոյ մէջ կային գործաւորներ, որոնք նստած խրախճանք կ՛ընէին կարծէք: Մեր առաջնորդը ծանօթ էր միւս առաջնորդին, ուստի անկէ խնդրեց, որ մեզի եւս բացատրութիւն տար: Այս անգամ բացատրութիւնը հայկական թեքում ունէր եւ անգլերէնով էր: Երբ աւարտեց, մեր առաջնորդին ըսի, թէ շնորհակալ եմ, որ այս խնդրանքը ըրաւ, սակայն բոլորս ալ գիտենք, որ միւս զբօսաշրջիկներուն որքան աղաւաղուած, թրքական տարբերակը եղող պատմութիւնը կը ներկայացնէր, իսկ մեզի` այլ: Ան պատասխանեց, որ իրաւունք ունիմ, սակայն ասիկա առաջնորդին գործն է, ոչ հայ զբօսաշրջիկներուն այլ բան կը պատմէ, մեզի` այլ»: Պետիկ աւելցուց, որ նոյն առաջնորդին հետ նման փորձառութիւն մը ունեցած է, վիճած է հետը` մանաւանդ այն սուտին համար, որ հայերը մէկ գիշերուան մէջ լքեցին իրենց հողերը. Պետիկ պնդած է, որ ինչ ալ ըլլայ պատճառը, ազգ մը այդքան դիւրին չի հեռանար իր պապենական հարազատ հողերէն, այլ իրողութիւնը այն է, որ բռնագաղթի ենթարկուեցան անոնք, ուժով քշուեցան:

«Գիշերեցինք Տողու Պայազիտ ու առտու կանուխ ուղղուեցանք դէպի մեր լեռը` Արարատ: Հետաքրքրական էր այն պահը, երբ Արարատը իր վեհութեամբ կանգնած է մեր դիմաց, իսկ այս անգամ փոքր Մասիսը կը նախորդէր Մեծին»:

Պատասխանելով «Ազդակ»-ի այն հարցումին, որ արտօնութիւն առա՞ծ էին լեռ բարձրանալու` Պետիկ Գասպարեան ըսաւ. «Խորքին մէջ ներկայիս արգիլուած է Արարատ բարձրանալ, բայց ես առաջնորդին ծանօթ էի, անոր հետ մնայուն կապի մէջ էի, եւ ան կը հաստատէր, որ լեռ բարձրացող կայ: Պետական մարմինները լաւապէս գիտէին, որ հայեր կամ օտարներ կու գան Արարատ բարձրանալու, սակայն արտօնութիւն չտալով հանդերձ, արգելք ալ չէին ըլլար: Իսկ քիւրտ առաջնորդն ու անոր օգնականները ասիկա ուղղակի գործի վերածած են, գիտեն ճամբաները, լերան առնչուած ամէն մանրամասնութիւն, մագլցելու օրէնքները եւ այլն»: Խումբին առաջնորդը ըսած է, որ 13 տարիէ Արարատ կը բարձրանայ, գոնէ 200 անգամ հասած է գագաթ:

Մասնակցողներ`

Պետիկ Գասպարեան – Լիբանան
Մենար Պոյաճեան – Լիբանան
Աննա Քէօմպէճեան – Լիբանան
Կասիա Դիմիճեան – Լիբանան
Թամար Քէշիշեան – Լիբանան
Բեկոր Եագուպեան – Լիբանան
Սեւակ Տէմիրճեան – Լիբանան
Սարին Ճըղըլեան – Լիբանան
Արտա Զէյթունլեան – Լիբանան
Ռազմիկ Արոյեան – Շուէտ
Ռոզալիա Յարադուրեան – Շուէտ
Անի Էքմէքճեան – Միացեալ Նահանգներ
Դալար Գալստեան – Միացեալ Նահանգներ
Աստղիկ Յարութիւնեան – Միացեալ Նահանգներ
Կարինէ Սիսեռեան – Ֆրանսա
Նայիրի Շիրուանեան – Իրան
Րաֆֆի Հասերճեան – Քանատա
Միքայէլ Նալպանտեան – Ուրուկուէյ
Գրիգոր Սահակեան  – Երուսաղէմ
Վիգէն Մինասեան – Յունաստան
Արթուր Ղազարեան – Գերմանիա
Գագիկ Ղազարեան – Զուիցերիա
Ռուբէն Նալպանտեան – Գերմանիա – Թէեւ չկրցաւ միանալ արշաւին

(ՇԱՐ. 1)

Խմբագրական. Փոխլրացուցիչ Քաղաքականութեան Համար (Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման 27-ամեակին Առիթով)

$
0
0

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնը ներկայ պայմաններուն մէջ ներքին եւ արտաքին իրադրութիւններու զարգացման միտումներուն վրայ կեդրոնանալու կը հրաւիրէ հայ քաղաքական միտքը:

Պատմական ճշմարտութիւն է, որ ազգերն ու պետութիւնները իրենց անկախութեան համար մնայուն պայքարի մէջ են. այդ պայքարը ոչ միայն ռազմական բնոյթ ունի, այլ` մեծ չափերով քաղաքակրթական, աւելի մասնակիօրէն` մշակութային, կրթական, լեզուական եւ հիմա նաեւ յատկապէս արհեստագիտական:

Աւելի համայնական հայեացք մը աշխարհակարգի ներկայ դրութեան մէջ` կը նկատէ միաբեւեռացումի հարթիչ գլանային գործընթաց մը` ստեղծելու քաղաքականութիւն մը, անվերջ դաշնակցելու-հակադրուելու, ապա տարբեր միացեալ ճակատներ կազմելու եւ այդ բոլոր աշխարհաքաղաքական խաղերով ազդեցութեան գօտիներ ստեղծելու` եղանակներով տարբեր, սակայն ըստ էութեան միեւնոյն վերահսկողական քաղաքականութիւնը:

Ներկայ աշխարհադրոյթին մէջ, ուր վերահսկողականութիւնը ամէնէն կոշտ եւ ամէնէն ուղղակի դրսեւորումները կ՛ունենայ համակողմանիօրէն, առաւել եւս կը շեշտուի ազդուող ազգերու ու պետութիւններու պարագային կախեալացումի քաղաքականութիւնը:

Մեր պարագային եւս, դէպի տարածաշրջան ներթափանցման համար հսկայ քայլեր առնելու եւ համարժէք գործողութիւններ իրականացնելու պատրաստ Ուաշինկթընը մէկ կողմէ եւ, միւս կողմէ, ռազմավարական բազմաթիւ ոլորտներ վերահսկելի դարձուցած Մոսկուան այս պարագային Հարաւային Կովկասի նկատմամբ աշխուժօրէն կը կիրարկեն մէկ կողմէ նոր գօտիներ ազդեցութեան տակ առնելու եւ, միւս կողմէ, ազդեցութեան տարածքները հզօր ձեւով պահպանելու երկկողմանի քաղաքականութիւն:

Երեւանը գերտէրութենական համընդհանուր այս մթնոլորտին մէջ կը շարունակէ իրականացնել փոխլրացուցիչ, հաւասարակշիռ  արտաքին քաղաքականութիւն: Այս բանաձեւը կը բացատրուի` Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ ռազմավարական յատուկ գործընկերութիւնը շարունակելով, Միացեալ Նահանգներու հետ տարբեր ուղղութիւններով համագործակցութիւնը ծաւալելով, ՀԱՊԿ-ի անդամ ըլլալով` ՕԹԱՆ-ի զօրավարժութիւններուն մասնակցելով, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ Ուաշինկթընի, միջազգային ընտանիքի թէ Ռուսիոյ ղեկավարած խաղաղապահ կամ մարդասիրական առաքելութիւններուն մաս կազմելով. տակաւին, ԵՏՄ-ի անդամ ըլլալով յատուկ ձեւաչափով ԵՄ-ի հետ համաձայնագիր կնքելով եւ արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներուն մէջ յատուկ կարգավիճակ ձեռք բերելով:

Երկու դրացի հակառակորդներու կողմէ շրջափակուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս պայմաններուն մէջ այս բոլորը հաւասարակշռուած ձեւով եւ բազմակողմ դիւանագիտութեամբ իրականացնելով, ըստ էութեան, կը գործադրէ արտաքին քաղաքականութեան ամէնէն գերակայ ուղղութեան կարեւորագոյն գործառոյթները:

Ուաշինկթընեան թափանցումներուն եւ ռուսական կախեալութեան արանքին կ՛երեւայ դէպի Եւրոպա ուղին, որ խորքին մէջ ուժի հաւասարակշռութեան, այս պարագային արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութեան կողմնացոյցին ցոյց տուած  աշխարհագրաքաղաքական միջավայրն է:

Պաշտօնական Երեւանը, իբրեւ մեկնարկային բնորոշում, աննախադէպօրէն դրական գնահատական ստացած է եւրոպական ընտանիքէն: Դրական այդ գնահատանքին հիմնաւորման ամէնէն ազդեցիկ իրագործումները անարիւն յեղափոխութիւնն ու ժողովրդավարացման ձգտումի վճռական քայլերն են, նաեւ` փտածութեան դէմ պայքարի զգալիութիւնը եւ նման քայլեր, որոնք մաս կը կազմեն եւրոպական արժեհամակարգին:

Այս պատճառով ալ դէպի Եւրոպա ուղիի հարթումին կը սատարեն եւ պէտք է սատարեն արդարադատութեան ամբողջական անկախացումը, մարդու իրաւունքներու լիարժէք յարգումը, իրաւական պետութեան համոզիչ կայացումը, քաղաքական հալածանքի ի սպառ բացակայութիւնը եւ այս պարագային, իբրեւ անմիջական իրագործելի առաջադրանք` ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու կայացումը:

Օրեր կը բաժնեն մեզ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններէն: Դէպի Եւրոպա համարկման եւ վերը նշուած ուժերու հաւասարակշռման եւ հակակշռման համար անփոխարինելի այս ռազմավարական ուղին առաւել եւս հարթելու համար աւելի քան էական է, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները իրենց անառարկելի կատարողականութեամբ գրաւեն ուշադրութիւնը Եւրոպայի համապատասխան կառոյցներուն:

Նախընտրական արշաւը կրնար աւելի քաղաքակիրթ մշակոյթով հանդէս գալ համակողմանիօրէն, ուր նահանջէին` կիրքը, անուանարկումները, վերագրումները, բաժանարար հռետորաբանութիւնը, եւ իշխէր` յանունը, առողջ բանավէճը, տարբեր թեկնածուներու ներկայացուցած ծրագիրներու նկատմամբ կողմնորոշուելու ընտրանքը: Այդ բացթողումը երկրորդական գիծ կը մղուի, եթէ իրաւամբ քաղաքապետական ընտրութիւնները արձանագրուին ըստ էութեան ազատ, արդար եւ թափանցիկ:

Արդար ընտրութիւնները հիմքն են իրաւական պետութեան ստեղծման: Արդարօրէն ընտրուած մարմիններու օրինականութիւնը անհրաժեշտ նախադրեալ` արտաքին հաւասարակշիռ քաղաքականութեան կիրարկման: Իսկ փոխլրացուցիչ հաւասարակշիռ քաղաքականութեան իրականացումը նպաստող գործօն` անկախութեան եւ գերիշխանութեան:

Արարատի Գագաթին` Եռագոյն Պարզել Կ՛ուզեմ…Իրականացած Փափաք Եւ Շօշափելի Երազ

$
0
0

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

«Յուլիս 10  – Արարատի լանջին խմբային նկար առնելէ ետք սկսանք մեր արշաւը, մօտ 7 ժամ տեւողութեամբ բաւական դժուար ու երկար ճամբայ քալելէ ետք հասանք 3200 մ բարձրութեան առաջին բանակավայրը (base camp 1), վրանները լարեցինք, ընթրիքէն ետք քնացանք ու պատրաստուեցանք յաջորդ օրուան արշաւին: Ձիերը մեծ առարկաները հանած էին արդէն, իսկ մենք մեր ուսի պայուսակներով նուաճեցինք առաջին փուլը: Երբ հասանք առաջին փուլ, մեր վրանները լարեցինք, խոհանոցը արդէն քիւրտերը պատրաստած էին: Հետաքրքրական էր, թէ առաջնորդը ո՛չ ժամի, ո՛չ հեռաւորութեան, ո՛չ ալ պաղի հասկացողութիւն ունէր: Ոմանց կարծիքը այն էր, որ դիտումնաւոր այդպէս կը ձեւացնէր, որպէսզի ճամբուն հեռաւորութեան մասին տեղեկութիւն տալով չյուսահատեցնէ մեզ»:

Կասիա Դիմիճեան պատմեց. «Օդը շատ տաք էր: Նախքան առաջին հանգստավայր հասնիլը, մարմնիս մէջ ջուրի մեծ պակաս ունեցայ, առաջնորդը ըսաւ, որ պէտք է կէս ժամ հանգիստ ընէի, ապա շարունակէի: Խումբը արդէն քալեց, մնացինք ես ու Շուէտէն Ռազմիկ Արոյեանը: Ես վախի եւ մտահոգութեան մթնոլորտի մէջ էի, կը մտածէի, որ եթէ առաջին փուլէն իսկ այս վիճակին մատնուեցայ, ուրեմն ինչպէ՞ս պիտի կարենամ երկրորդն ու երրորդը բարձրանալ եւ հասնիլ գագաթ: Մեր առաջնորդը քովս նստաւ ու բացատրեց, որ առաջին օրը միշտ պէտք է յոգնիս, եւ որ նման պարագաներ կը պատահին: Ան ըսաւ, որ միւս խումբերուն եւ իմ տարբերութիւնս այն էր, որ ես գիտէի այս լերան պատմութիւնը, եւ ինչ ալ ըլլայ, նոյնիսկ եթէ գագաթ չկրցայ հասնիլ, ինք պիտի իջնէ եւ զիս տանի հետը: Կէս ժամ ետք սկսանք քալել, սակայն տակաւին տարօրինակ զգացում ունէի, որ` ինչո՞ւ ես խումբին հետ չեմ: Յանկարծ լերան վրայ աղմուկ մը լսուեցաւ, ջուրի ձայն, Արարատի ջուրը կը հոսէր բաւական տպաւորիչ դղրդիւնով. առաջնորդը ըսաւ, որ այս դէպքը ըստ բախտի կարելի է տեսնել, որովհետեւ ոչ ոք գիտէ, թէ ե՛րբ եւ ի՛նչ յաճախականութեամբ կը պատահի: Երեքով նստանք եւ վայելեցինք պահը: Թէեւ անհանգստանալու փորձառութիւն էր, սակայն ինծի համար նաեւ դաս եղաւ, որ յաջորդին եթէ Արարատ բարձրանալու ըլլամ, աւելի երկար ժամանակ տամ, որովհետեւ առաջնորդը մեզի լերան վրայ պտտցուց, տարաւ տեղ մը, ուրկէ փոքր Մասիսը շատ լաւ կ՛երեւէր, բան մը, որ ընկերներս չտեսան: Անկէ ետք արդէն միացայ ընկերներուս»:

Աննա Քէօմպէճեան ըսաւ, որ բոլորին մէջ ալ կար այդ վախը` պիտի հասնի՞նք,  պիտի կարենա՞նք դիմանալ, կրնա՞յ ըլլալ յոգնինք ու չկարենանք շարունակել… ասիկա մէկ կողմէ մտահոգութիւն էր, իսկ միւս կողմէ ալ ուժ կու տար:

Մենար Պոյաճեան աւելցուց, որ լեռ բարձրանալ եւ իջնելէ ետք միայն անդրադարձան, թէ ինչե՛ր կրնային ընել, ինչեր ծրագրած էին ընել, սակայն այն ձգտումը, որ պէտք է վեր հասնիլ, կեդրոնացումը միայն այդ կէտին վրայ պահեց: «Մենք եւս խումբէն մէկ ժամ ուշ հասանք, քանի մը հոգի էինք, չկրցանք նոյն թափով քալել խումբին հետ, Պետիկը մեզի հետ մնաց. առաջին օրէն իմ մէջս ալ վախը կը մեծնար, որ եթէ առաջին փուլին արդէն շունչի նեղութիւն ունեցայ եւ յոգնեցայ, ի՛նչ պիտի ըլլամ յաջորդին, մանաւանդ որ աւելի կը դժուարանայ ճամբան: Խումբի թիւին մեծ ըլլալն ալ մէկ կողմէ առաւելութիւն էր, միւս կողմէ մարտահրաւէր էր, որովհետեւ պէտք է անոնց հետ քայլ պահէիր, կան անձեր, որոնք չյոգնեցան, կ՛ուզէին արագ քալել, այդ պատճառով ալ դժուար էր հանդարտ մնալ, պէտք էր մնայուն ճիգ` խումբին հետ մնալու»:

Ըստ Պետիկ Գասպարեանի, լերան վրայ մարդոց ֆիզիքական կարողականութիւնը տարբեր կ՛ըլլայ, ոչ ոք կրնայ կանխատեսել. թէեւ անհանգստութիւններու առաջքը առնելու բազմաթիւ քայլեր առած էին, սակայն անպայման չնախատեսուած բաներ կը պատահին, մանաւանդ բարձրութեան եւ շնչառութեան կապուած: «Առաջին փորձառութեանս ատեն ըսած եմ, միշտ ալ կը կրկնեմ, Արարատի վրայ ֆիզիքական կարողութենէն վեր կայ հայու կամքի ուժը, որ իւրաքանչիւր մագլցող հայ զօրեղ կը պահէ, նաեւ կայ շուրջս եղողներուն մղիչ ուժը, քաջալերանքը, մանաւանդ երբ հայկական ջիղին կը դպչիս, այն ատեն յուսահատողը եթէ մեռեալ ալ ըլլայ, ոտքի կը կանգնի: Խմբային աշխատանքը, խմբային կամքը եւ վճռականութիւնը շատ կարեւոր են»:

Մենարն ու Աննան պատմեցին, թէ ինչպէ՛ս Աննային յուսահատութեան մէկ վայրկեանին, երբ այլեւս անկարող կը զգար քայլ մը իսկ նետելու, Մենարը որքա՛ն ուժ տուած էր իրեն, քաջալերած էր, որ կանգնի ու շարունակէ, որովհետեւ միասին պէտք էր նուաճէին սրբազան գագաթը: Զրոյցի ընթացքին լեռնագնացները ըսին, որ յաճախ պատահած են դէպքեր, որոնք իրենց յիշողութեան մէջ չեն ամրագրուած, սակայն աւելի ուշ նկարներուն եւ վիտէօներուն ճամբով վերակենդանացած են: Ըստ Մենարին, Արարատը բարձրանալու ատեն մարդ յատուկ ներաշխարհ մը կ՛ունենայ, օրինակ ինք, որ սովորաբար խօսող ու արտայայտուող է, այս անգամ լուռ էր ու կեդրոնացած, առաքելութիւն մը ունէր կատարելիք, ուրիշներ կ՛երգէին: Իսկ ամբողջովին ուրիշ պարագայ էր Բեկորը, որ շուի նուագելով կը բարձրանար: «Կրցածիս չափ ընկերներուս ուժ տալու համար ազգային-յեղափոխական երգեր կը նուագէի. նաեւ ըսեմ, որ հինգ տարիէ ի վեր այս վայրկեանին կը սպասէի, միշտ Պետիկէն խնդրած եմ, որ բարձրանամ Արարատը, նաեւ այն պատճառով, որ ես շատ կը սիրեմ լեռնագնացութիւն, Երեւան երթալէս երկու օր առաջ Սաննինի գագաթը բարձրացած էի: Եօթը ամիս առաջ գիտցայ, որ պիտի բարձրանանք Արարատը եւ չհաւատացի ե՛րբ պիտի գայ այդ պահը», հաստատեց Բեկոր, որուն մասին Պետիկ ըսաւ, որ ան խումբին ամէնէն փոքրն էր եւ անոր շարժակը (տինամօ): «Ան ամէնէն ետեւէն կը քալէր, առաւելագոյն չափով քաջալերող էր, երբ տեսնէր խումբը կաղալու սկսաւ, շուին կը հանէր ու կը սկսէր մեղմ կերպով նուագել` ազդելով բոլորին վրայ», ըսաւ Պետիկ:

————————-

Նայիրի Շիւրաւնեան
(Իրան)

Մեր խումբը իւրօրինակ խումբ մըն էր` սփիւռքի տարբեր գաղութներէն եկած, տարբեր տարիքի, բայց մէկ գաղափարի ու երազանքի տէր: Սկսանք մեր ուխտագնացութիւնը դէպի Արարատ լեռ, Անի, Կարս եւ Վան: Շատ ուրախ եմ, որ ես ալ այդ խումբին մէջն էի:

Արարատ բարձրանալու այս ուխտագնացութեան ամբողջ ընթացքին երեք իրար հակասող միտքեր եւ զգացումներ ունեցայ: Առաջինը` ուրախութիւն եւ հպարտութիւն, որ վերջապէս առիթ ընձեռուած է բարձրանալ հայութեան մեծագոյն խորհրդանիշներէն Արարատ լեռը, երկրորդ` ուրախութեան հետ միասին` տխրութիւն եւ ափսոսանք, որ Արարատը ոչ թէ արդէն 100 տարեկան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու մէջ է, այլ Թուրքիոյ մէջ է, եւ մեզի ուղեկցող լեռնագնացները քիւրտեր են:

Հակասող զգացումներու այս անվերջ վէճը կը դադրէր, երբ խումբի անդամներէն մէկը կը սկսէր յեղափոխական երգ մը երգել, եւ միւսները կ՛ընկերակցէին անոր: Այդ ժամանակ էր միայն, երբ երրորդ զգացումը` ինքնավստահութիւնը կը վերադառնար եւ ճանապարհը շարունակելու ուժ կը ստանայինք: Կը կարծեմ, որ բոլոր ընկերներս ալ ապրած են նման հոգեվարք, անկախ անկէ, որ նոր ծանօթացած էինք իրարու: Տարբեր միջավայրերու մէջ մեծցած ենք նոյն արժէքներով ու երազանքներով եւ այս ուխտագնացութեան ընթացքին ունէինք մէկ նպատակ, որուն բոլորս միասնաբար պիտի հասնէինք եւ հասանք` իրարու օգնելով եւ օժանդակելով: Համոզուած եմ, որ կու գայ օրը, երբ Արարատը կ՛ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ, եւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի նպատակն ալ իրականութիւն կը դառնայ:

————————

(Շար. 2)

 

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ, Դէպի Ապագայ –Բ. – 1918-ի Հանրապետութեան Գլխաւոր Աւանդները

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Եթէ այս տարուան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով նախատեսուած բոլոր գիտաժողովներն ու համագումարները իրականանային, վստահաբար պատկառելի նոր թղթածրարներ պիտի գոյանային անդրանիկ հանրապետութենէն մեզի հասած ու յաջորդ սերունդներուն փոխանցելի աւանդներուն մասին: Սա չի նշանակեր, որ այսօրուան սերունդները անծանօթ են այդ ժառանգութեան, որոնք անցեալ տասնամեակներուն յուշագրուած են այդ օրերու պետական, քաղաքական ու զինուորական գործիչներուն, առաւելաբար` դաշնակցականներու կողմէ, որովհետեւ տարօրինակ կերպով անդրանիկ հանրապետութեան անունը կցուեցաւ Դաշնակցութեան անունին, ու տասնամեակներ շարունակ այլ կուսակցութիւններ ու մանաւանդ մայր հայրենիքը հեռաւորութիւն պահեցին ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՈՒ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ արդիւնքը եղող աւագ հանրապետութենէն: Բարեբախտաբար այդ բոլորը հիմա անցեալին կը պատկանին, անդրանիկ հանրապետութեան տիրութեան հարցը այսօր ստացած է համահայկական դիմագիծ, իսկ կարգ մը եղծումներ ու պատմական իրականութեանց անճիշդ վերախմբագրումներ (օրինակ` կարգ մը հերոսներու արժեւորման գերչափանիշներն ու ուրիշներու ստորագնահատումը) չունին մնայուն արժէք, կը ծառայեն միայն այս կամ այն խմբաւորումին քարոզչական նպատակներուն. արդար ուսումնասիրողն ու պատմութեան հաւատարիմ ուսանողը դժուարութիւն չ՛ունենար ճշմարտութիւնը տեսնելու…

Ինչ որ անվիճելի եւ անխեղաթիւրելի աւանդ կը մնայ Հայաստանի 100-ամեայ հանրապետութենէն, բազմերես է եւ կը տարածուի տարբեր ոլորտներու վրայ:

Դարձեալ թւումի կարգով արձանագրենք այդ աւանդներէն մէկ քանին եւ ընդգծենք, որ առաջին հերթին Սարդարապատի ու զուգահեռ ճակատամարտերուն մէջ շահուած յաղթանակը` համաժողովրդային պայքարի պտուղը, կը հանդիսանայ ամէնէն լուսաւոր աւանդը, որովհետեւ առանց այդ նուաճումներուն` այսօր հաւանաբար պիտի չկարենային խօսիլ անկախ Հայաստանի ու պետական կառոյցի մասին:

Հայաստանի Հանրապետութեան հաստատումով, հայութիւնը ունեցաւ պատմական հայրենիքի մէկ բեկորին վրայ անկախ պետութիւն կերտելու խիզախումը: Հազիւ 12 հազար քառ. քմ տարածութեամբ հանրապետութիւնը շուտով ծաւալ տուաւ իր սահմաններուն, պատմութեան մէջ արձանագրեց Սեւրի դաշնագիրով աւելի ընդարձակ Հայաստանի մը ուրուագիծը, եւ այդ բոլորը նախաքայլերը եղան շուրջ 70 տարի ետք տեղի ունեցած նոր ընդարձակումի մը` Արցախի ազատագրումին եւ Հայաստանի վերամիացման: Այդ աւանդին իրականացումով սրբագրուեցաւ ստալինեան կամայականութեան ու հաշուարկներուն մէկ սխալը` Արցախի ու Նախիջեւանի «նուիրաբերումը»` Ազրպէյճանին. կը մնայ, որ միւս աւանդն ալ բերուի օրակարգի վրայ ու յաջորդ քայլը ըլլայ Նախիջեւանի վերադարձը հայութեան:

Անկախ հանրապետութիւնը իրականացուց իրաւական պետութեան մը բազմաթիւ արժանիքները: Կազմաւորուեցաւ բանակը, կազմուեցան խորհրդարան, կառավարութիւն եւ դիւանագիտական ցանց, հիմնուեցաւ համալսարան եւ այլ կառոյցներ, մեր հայրենիքը ունեցաւ սեփական դրամանիշ, դրուեցան հիմերը տնտեսութեան, մշակոյթի վերընձիւղման, զարկ տրուեցաւ արհեստներու եւ գործի ասպարէզներու, թէեւ երեք կողմէ թշնամիներով պաշարուած Հայաստանը հազիւ թէ կրցաւ մտածել առեւտուրի` միջազգային առեւտուրի մասին: Փաստօրէն հանրապետութիւնը իրերայաջորդ պատերազմներ դիմագրաւեց երեք ճակատներու վրայ. դարաւոր թշնամին կանգնած էր արեւմտեան սահմաններուն վրայ, անոր դաշնակիցն ու նորաստեղծ Ազրպէյճանը ակռաները կը սրէր արեւմուտքէն, իսկ Վրաստանը նմանօրինակ ախորժակներով կը դիտէր Հայաստանի հիւսիսային գօտին, որմէ Ջաւախքը մինչեւ այսօր ալ կը մնայ անոր քմահաճ տիրապետութեան տակ:

Ֆիզիքական վերականգնումի ճամբուն մէջ մտած եւ անհաւասար պատերազմներ դիմագրաւող Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը կառավարուէր քաղաքական, զինուորական, տնտեսական ու մշակութային ասպարէզներու մէջ նուիրեալ սերունդի մը կողմէ, որուն անդամներէն շատեր թողած էին այլ երկիրներու մէջ մինչ այդ իրենց վարած ապահով կեանքը եւ եկած, իրենց ձեռքերը միացուցած էին հայրենակերտումի աշխատանքին: Այդ սերունդը չէր տարուած հարստանալու մարմաջով, այլ հայրենաշինութեան գործին լծուած էր մինչեւ իսկ գերագոյնը նուիրաբերելու կամքով, ինչպէս ըրած էին ֆետայիները` նախորդ տասնամեակներուն: Ամէնէն պերճախօս օրինակն է հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի պարզունակ կենցաղն ու հազիւ 40 տարեկանին համաճարակի մը զոհ երթալը, իսկ Արամը առանձնակի ծաղիկ մը չէր, անոր նմաններով փունջեր ու պարտէզներ կազմուած էին այդ օրերուն… Այս վարքագիծն ալ մաս կը կազմէ մեզի ու յետնորդներուս ժառանգ մնացած աւանդներուն:

Եթէ կարգ մը աւանդներ ընդհանրապէս անցեալին կը պատկանին ու այսօր իբրեւ ուղեցոյց կը ծառայեն առաւելաբար, կայ ժառանգութիւն մը, որ իբրեւ քաղաքական գերագոյն աւանդ հասած է մեզի` անդրանիկ հանրապետութեան շրջանէն: Անկախութեան հռչակումէն տարի մը ետք Հայաստանի իշխանութիւնը կարեւոր իրագործում մը կատարեց` կրկնակի լուծում բերելով բարդ թուացող երկու հարցերու: Առաջին` խորհրդարանին մէջ առնուեցան Արեւմտեան Հայաստանէն ներկայացուցիչներ, եւ Հայաստանի ժողովուրդը ներկայացնող օրէնսդիր ժողովը իսկապէս մարմնաւորեց ամբողջ հայութիւնը. պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ անիկա կազմուած էր իսկապէս ժողովրդավարական գործընթացով. կաշառք առնել-տալը մաս չէր կազմեր այդ օրերու ընտրական դրութեան… Մինչ այդ արեւելահայու-արեւմտահայու հարցերը մանր կամ մեծ տագնապներու առիթ տուած էին: Այդ քայլով հայութեան միութեան ու միասնութեան կնիքը կը դրուէր պաշտօնապէս: Ափսոս, որ յաջորդ տարիներուն, ծանօթ դէպքերու բերումով, բաժանուածութիւնը վերստին բարձրացուց իր գլուխը, եւ մինչեւ այսօր ալ կը փորձենք տարբեր ոլորտներու մէջ դարմանել այս վիճակը: Այս իմաստով, Հայաստանի անդրանիկ խորհրդարանի պատմական քայլը բարձրադիր փարոս մը կը մնայ բոլորիս համար:

Նոյն օրերու երկրորդ իրագործումը քաղաքական գերագոյն ժառանգութիւն մըն է. նոյն խորհրդարանը, նոյն տարին որդեգրեց ազատ, անկախ եւ ՄԻԱՑԵԱԼ Հայաստանի հռչակագիրը` արար աշխարհին յայտարարելով, որ Հայաստանի պետութիւնը տէր կը կանգնի հայութեան պատկանող բոլոր հողերուն, եւ իր հիմնական նպատակներէն մէկն է իրագործել այդ հողերուն հաւաքագրումն ու միացումը Հայաստանի Հանրապետութեան: Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին` Հայաստանի յաջորդական իշխանութիւնները ետ կանգնած են նման խիզախ կեցուածքէ մը, մինչեւ իսկ յայտարարութիւններ ըրած են, որ Հայաստան դրացիներէն, մասնաւորապէս Թուրքիայէն հող չի պահանջեր, այլ խօսքով, դրժած է 1919-ին կնքուած պատմական ուխտը: 100-ամեայ ժառանգութեան արժէքը հոն է, որ Հայաստան 1918-էն մինչեւ 1920-ական տարիներ, այսինքն` մինչեւ անկախութեան կորուստը, ամէն գետնի վրայ շա՛տ աւելի դժուարին կացութեան մէջ էր, շա՛տ աւելի սպառնական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէր, եւ սակայն չվարանեցաւ նման յանձնառու որոշում մը որդեգրելէ եւ այդ որոշումին շուրջ համախմբեց հայութեան բոլոր հոսանքները: Համայնավարները եղան առաջին ետքայլ ընողները… Հետագայ տասնամեակներուն այդ որոշումը յաճախ ջուր չվերցնող քննարկումներու առարկայ եղած է, թէ` եթէ ուժն ու միջոցները չունիս նման որոշում մը իրականացնելու, ինչի՞ կը ծառայէ բանաւոր որոշումը: Պէտք է թափանցել, սակայն, նման կեցուածքի մը խորքը, ամենայետին ծալքը, տեսնելու համար, որ առանց նման օրակարգի` մեր Դատին հետապնդումը կը կորսնցնէ ամէնէն կարեւոր կողմնացոյցը, իսկ հողահաւաքի նման որոշում` երբեք ալ պայմանաւորուած չէ այն հարցումով, թէ որոշումը ե՛րբ կրնայ իրականանալ: Կարեւորը` նման որոշում մը որդեգրել ու ընդմիշտ վերահաստատելն է, որպէսզի պատմութեան բերած ու բերելիք ելեւէջներուն համար պատրաստ ըլլանք եւ արթուն: Ապացո՞յց կը փնտռենք. Արցախի ազատագրումը: Արցախը այսօր ազերիական տիրապետութենէ փրկուած կ՛ըլլա՞ր, եթէ մեր ժողովուրդի հոգիին ու քաղաքական կամքին մէջ անթեղուած չմնար անդրանիկ հանրապետութեան յիշեալ աւանդը: Իսկ ապագային համար կարելի է դիմել անգլիացիներու մէկ նշանաւոր առածին` «Վառօդդ միշտ չոր պահէ, որպէսզի զէնքդ կրակելու պատրաստ վիճակի մէջ մնայ»:

Ահա թէ ինչպիսի՛ ժառանգութիւններ իբրեւ թանկագին աւանդ հասած են մեզի, փոխանցելի` յաջորդ սերունդներուն: Այս ճշմարտութեանց տեղեակ ըլլալը միայն առաջին քայլն է մեր երթին ճամբուն. գիտնալը բաւարար չէ, այլ պէտք է յստակ օրակարգով գործի լծուիլ` այն նուիրումով ու տեսլականով, որ անդրանիկ հանրապետութեան կերտիչներունն էր 100 տարի առաջ: Նոյնքան կարեւոր է մարմին տալ այն գիտակցութեան, որ մեր անկախ պետականութիւնը նորութիւն չէ, ունի 100 տարուան կեանք, նաեւ կը յենու 1918-էն առաջ տարուած բազմաճիւղ պայքարներու արդիւնքին վրայ. սա կարեւոր ճշդում է, որովհետեւ երբեմն ի յայտ կու գան «մարգարէներ», որոնք կը փորձեն Հայաստանի պետութեան կեանքը պայմանաւորել այս կամ այն վարչակազմի կեանքով, իրագործումներով` անտեսելով կամ արհամարհելով նախորդ տասնամեակներու եւ դարերու հիմնաքարերը:

3-էն 18 սեպտեմբեր 2018

 

Պուրճ Համուտի «Տիսքոթեքները»

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Զարեհ Աւագեան, Վաչէ Բրուտեան, Պօղոս Շահմելիքեան, Զոհրապ Եագուպեան, Պետիկ Չիֆթիլեան, Հրաչ Պոյաճեան եւ Ստեփան Ֆրունճեան:

«Տիսքոթեք», կամ կրճատուած ձեւով` «Տիսքօ»:

Երիտասարդական պարելու վայր մը, որ Միջին Արեւելքի մէջ բոլորովին տարբեր իմաստ ունի: Կը նշանակէ ձայնապնակներ վաճառելու, կամ  ձայներիզ` «քասեթ» արձանագրելու վայր:

Պուրճ Համուտի մէջ ամէն քայլափոխի կը հանդիպէինք այդ «տիսքոթեք»-ներուն:

Լիբանանի առաջին «տիսքոթեք»-ը կը գտնուէր Պուրճ Համուտի մայր պողոտային վրայ, որուն դիմացի փողոցէն կը սկսէր «Արաքս» նշանաւոր շուկան: Սեփականատէրը` Անդրանիկ Մարտիրոսեան, հանրածանօթ էր: Հազուագիւտ էին գէթ անունով զինք չճանչցողները:

Սկսած է որպէս ձայնասփիւռ նորոգող, իսկ աւելի ուշ իր արհեստանոցը վերածած է «տիսքոթեք»-ի: Իր մօտ կարելի էր գտնել հայկական աշուղական եւ ժողովրդային երգերու ձայնապնակներու ճոխ հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ` օգտագործուած երաժշտական ծախու գործիքներ:

Հայկական որեւէ ձեռնարկի բարձրախօսներու դասաւորումը կատարելու համար կը դիմէին իրեն:

Վաճառատունը խճողուած էր անգործածելի ձայնասփիւռներով եւ ձայնագրիչ մեքենաներով, ինչ որ կը դժուարացնէր այցելուի մը քայլերը:

Երկար տարիներ իր «տիսքոթեք»-ը եղած էր երաժիշտ-երգիչներու ժամադրավայր մը:

Մարտիրոսեանը մեծ ներդրում ունեցած է Լիբանանի մէջ հայերէն էսդրատային երգի ծնունդին ու տարածման մէջ: Իր առաջարկով եւ միջնորդութեամբ է, որ ձայնապնակներու արտադրիչ Դանիէլ Տէր Սահակեանը ծանօթացած է Ատիս Հարմանտեանին, եւ այդպիսով ծնունդ առած է բոլորիս ծանօթ էսդրատային երգի աննախընթաց յաջողութիւնը:

1970-ականներուն սկիզբը տակաւին համացանց  գոյութիւն չունէր: Հեռաձայնային կապերը Ամերիկայի եւ Եւրոպայի հետ այնքան ալ դիւրին չէին: Արեւմտեան երկիրներէն լիբանանահայ երգիչ մը հրաւիրելու համար ներկայացուցիչ մը անձամբ կը ժամանէր Լիբանան եւ հայ երգիչներու հետ կապուելու եւ պայմանաւորուելու համար կը դիմէր Անդրանիկ Մարտիրոսեանին, որ ծանօթ էր բոլորին: Անոնց անպաշտօն «իմփրէզարիօ»-ն էր եւ այդ գործը կը կատարէր սիրայօժար` առանց միջնորդի նիւթական իր արդար իրաւունքը պահանջելու:

Համաձայնութիւնները կը կայանային իր քով, որ իրականութեան մէջ արուեստագէտներու «ակումբ» մը կարելի էր անուանել:

Շատ մը երգիչներ, իրենց ձայնագրութիւնը հազիւ աւարտած, նախքան ձայնապնակի մը վերածուիլը, կը դիմէին Մարտիրոսեանին, որպէսզի վերջինս, ունկնդրելէ ետք, իր կարծիքը տայ, թէ որեւէ փոփոխութեան կարիքը կա՞յ: Երաժիշտի մը չափ գիտելիքներ ունէր եւ ուշադիր ունկնդրելէ ետք, քանի մը «դիտողութիւններ»-ով կը յանձնարարէր, որ դարձեալ ձայնագրուի այդ երգը: Յաճախ ներկայ կ՛ըլլար հայկական երգերու ձայնագրութիւններուն եւ սթիւտիոյի մէջ, տեղւոյն վրայ կը մատնանշէր կարգ մը վրիպումներ:

Քանի մը ամիս առաջ, բաւական յառաջացած տարիքին, մեզմէ յաւերժ բաժնուեցաւ հայկական «տիսքոթեք»-ներու ռահվիրան: Այդ կենսուրախ մարդը իր կեանքին վերջին տարիներուն ունեցաւ դժբախտ կեանք մը: Կորսնցուց իր դուստրը` երիտասարդ տարիքին, անբուժելի հիւանդութեան մը պատճառով, իսկ աւելի ուշ, Քանատայի մէջ նոյնպէս երիտասարդ տարիքին արկածի մը զոհը գնաց իր տղան` Արա Մարտիրոսեանը:

Արան, նախքան Քանատա գաղթելը, երկար տարիներ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին ձայներու եւ լոյսերու պատասխանատուն եղած էր: Ընկերային էր ու ծառայասէր: Թատրոնի եւ երաժշտութեան նուիրեալներուն սիրելին էր Արան:

***

Մար Մխայէլի վերջաւորութեան, Նոր Հաճըն թաղամասի մուտքին, Երկաթէ կամուրջին ճիշդ տակը կը գտնուէր V.O.S. (Voice of Stars) «տիսքոթեք»-ը, որ աւելի հանրածանօթ էր որպէս ձայնապնակներու արտադրիչ:

Սեփականատէրը` Դանիէլ Տէր Սահակեան, երկար տարիներ արաբերէն ձայնապնակներու արտադրիչ եղած էր, եւ իր առաջին հայերէ՛ն ձայնապնակներու  արտադրութիւնը եղաւ Ատիս Հարմանտեանին «Ծաղիկներ»-ը: Քաջալերուած աննախընթաց  յաջողութենէն` դադրեցաւ օտար երգեր արտադրելէ եւ երկար ժամանակ եղաւ արտադրիչը զանազան հայ երգիչներու, որոնցմէ կարելի է յիշել` Ատիս Հարմանտեանը, Արա Կիրակոսեանը, Արա Քեքեճեանը, «Five Fingers», Վաչէ Երամեանը եւ շատ ուրիշներ: Աւելի ուշ սկսաւ ձայնապնակներ արտադրել հայրենիքի նշանաւոր արուեստագէտներու եւ, այսպիսով, անոնց երգերը սկսան տարածուիլ նաեւ սփիւռքի մէջ:

Իր մօտ յաճախ կը հանդիպէինք Ատիսին, Արա Քեքեճեանին եւ Արա Կիրակոսեանին, ինչպէս նաեւ` Վաչէ Երամեանին, որ իր ձայնագրութիւններուն համար Հալէպէն  քանի մը օրուան համար կ՛այցելէր Լիբանան:

***

Դանիէլ Տէր Սահակեանէն… Դանիէլ Մածունեանի Ամանոս թաղամասի մէջ գտնուող «Pholidisc» հաստատութիւնը: (Pholidisc կրճատումն  է 3 տարբեր մասնաճիւղերու: Photo-Librairie-Discothèque):

Երկու Դանիէլները իրարու հակապատկերներ էին: Տէր Սահակեանը` ճարպիկ վաճառական մը, իսկ Մածունեանը վաճառականութենէ շատ հեռու էր: Իրեն համար նիւթականը եղած է երկրորդական: Կը փորձէր իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար հանդիսանալ հայ արուեստին: Տէր Սահակեանին եւ Մածունեանին շատ բան կը պարտինք: Առաջինին միջոցով է, որ տարածուեցաւ հայերէն էսդրատային երգը, իսկ Մածունեանին ամենագնահատելի գործը եղաւ երգահանդէսներու եւ հանդիսութիւններու ձայնագրութիւնները, զոր կը կատարէր մեծ հաճոյքով, յաճախ անվճար, մինչ Տէր Սահակեանը իր գործը կ՛ընէր` որպէս շահի աղբիւր, ինչ որ իր արդար իրաւունքն էր: Մէկը իբրեւ շահի աղբիւր, միւսը` որպէս ազգային պարտականութիւն:

«Pholidisc»-ը թատերասէր, երաժշտասէր, գրականասէր արուեստագէտներու ժամադրավայր մըն էր: Իր քով յաճախ կը հանդիպէինք զանազան երգիչներու, թատերասէրներու, դերասաններու եւ բեմադրիչներու, ինչպէս` Վարուժան Խտըշեան, որուն թատերախումբին շրջան մը մաս կազմած է Դանիէլը: Հոն կը հանդիպէինք նաեւ հանրածանօթ դէմքի մը, որ ո՛չ երաժիշտ էր, ո՛չ երգիչ, ո՛չ ալ դերասան: Այդ անձը յայտնի մտաւորական, կուսակցական գործիչ եւ հռետոր բժիշկ Բաբգէն Փափազեանն էր, որուն դարմանատունը կը գտնուէր «Pholidisc»-ին դէմը: Սիրելի բժիշկը կը խօսէր արտագաղթի մասին, որուն այնքա՜ն դէմ էր եւ հաճելի խօսակցութեամբ կը գրաւէր բոլորիս սրտերը:

Այդ տարիներուն ներկայ օրերու նման բջիջային հեռաձայններ գոյութիւն չունէին, որպէսզի ամէն քայլափոխ կարենայինք նկարել: Փոխարէնը` ունէինք Դանիէլին նման հարազատ ընկեր մը, որուն անբաժան մասնիկն էր լուսանկարչական գործիքը, եւ շատ յաճախ ան կը յաւերժացնէր յիշատակելի պահեր, երբ խմբովին հաւաքուած ըլլայինք իր «ակումբին» մէջ: Քանի մը օր ետք մեզի կը յանձնէր այնպիսի նկարներ, որոնց արժէքը ներկայիս շատ աւելի կը գնահատենք, քան` անցեալին:

Դանիէլը արուեստագէտ էր բառին իսկական առումով: Արուեստագէտը միայն երաժիշտը, երգիչը կամ գեղանկարիչը չէ: Արուեստագէտ է նաեւ այն անձը, որ իր գործը հաւատալով կը կատարէ: Քանի մը յաճախորդ ճամբելուն ներկայ գտնուած եմ, որոնք եկած են անորակ կամ թրքաբարոյ երգեր արձանագրել տալու: Նախ կը համոզէր, որ հրաժարին նման երգեր ունկնդրելէ, իսկ երբ այդ անձը հաստատ մնար իր որոշումին վրայ, Դանիէլ դողդողացող ձայնով կ՛ըսէր. «Անորակ երգեր արձանագրելով, քանի մը լիբանանեան ոսկի ապահովելու համար, ինքզինքս չեմ նուաստացներ: Հրամէ», եւ ցոյց կու տար խանութին դուռը:

Դանիէլ Մածունեանը հեռացած է այս աշխարհէն: Վերջերս, յուզումով հետեւեալ գրութիւնը կարդացի «Ազդակ»-ի մէջ.

Դանիէլ Մածունեան ներկայ գտնուած եւ արձանագրած է իր ժամանակի գլխաւոր բոլոր ձեռնարկներն ու հանդիսութիւնները, որոնք արխիւային հարուստ շտեմարան մը կը կազմեն գաղութին պատմութեամբ հետաքրքրուողներուն համար: Այդ արխիւին մաս կը կազմեն 1960-ական, բայց մանաւանդ 1970-ական եւ 1980-ական տարիներուն լիբանանահայութեան ապրիլ 24-ի, մայիս 28-ի, ՀՅ Դաշնակցութեան օրուան եւ ազգային այլ ձեռնարկներու լրիւ արձանագրութիւնները, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի զանազան ձեռնարկներու ամբողջական ելոյթները, ինչպէս նաեւ` եկեղեցական բազմաթիւ արարողութիւններու եւ դասախօսական շարքերու ձայներիզներն ու տեսերիզները:

Այս բոլորը, աւելի քան 330 ձայներիզ, տեսերիզ եւ տեսանիւթ, Դանիէլ Մածունեանին ընտանիքը ողջունելի քայլով մը փոխանցեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին` Դանիէլ Մածունեանի յիշատակը յաւերժացնելու եւ արխիւային նման նիւթերով կեդրոն մը ստեղծելու իբրեւ առաջին քայլ:

Երկար տարիներու վաստակդ չկորսուեցաւ, սիրելի՛ Դանիէլ: Քեզ լաւ հասկցող կինդ եւ զաւակներդ գիտցան կորուստէ փրկել երկար տարիներու աշխատանքդ:

***

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մօտ, առեւտրական կեդրոնին մէջ կը գտնուէր Արա Քեքեճեանին «Music Center»-ը, որ սկսած է որպէս «տիսքոթեք», իսկ աւելի ուշ դարձած է ո՛չ միայն Պուրճ Համուտի, նաեւ Լիբանանի առաջին հաստատութիւնը, ուրկէ մարդիկ քանի մը օրով վարձու կ՛առնէին իրենց նախընտրած տեսերիզները ու քանի մը օր ետք կը վերադարձնէին տարբեր ժապաւէն մը վարձելու համար: Այդ տարիներուն չկար օրական 24 ժամուան հեռատեսիլի յայտագիրներ: Պատերազմ էր, եւ մարդիկ մեծ մասամբ անգործ տունը նստած, զբաղումի լաւագոյն միջոցն էր, եթէ անշուշտ ելեկտրական հոսանք ունենային:

«Գլուխ քերելու ժամանակ չունէր» Արան: Երբ առիթներով հանդիպէի իր մօտ, հազիւ քանի մը բառ փոխանակած` կը մեկնէի քովէն: Ընկեր-բարեկամի հետ խօսիլը իրեն համար ժամանակի կորուստ էր:

Արան եւս մաս կը կազմէ «հեռացած ընկերներ»-ու փաղանգին:

***

Արա Քեքեճեանի եղբօրորդիին` Խաժակ Քեքեճեանի «Բագին»-ը (ոչ մէկ կապ` համանուն գրական ամսագրին հետ) կը գտնուէր «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի մուտքին: Խաժակ իր հօրեղբօր` Արային նման քասեթներ կ՛արձանագրէր, իսկ աւելի ուշ ինք եւս սկսաւ տեսերիզներ վարձու տալ:

Խաժակին հետ բարեկամներ եղած ենք, սակայն իր քով բարեկամական այցելութիւններ բնաւ տեղի չէին ունենար: «Գործի ժամանակ` գործ»: Այս էր Արային եւ Խաժակին նշանաբանը:

Իր մօտէն կարելի էր նախապէս ապահովել «Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահի մէջ կայանալիք ձեռնարկի մը տոմսերը:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն Խաժակ գաղթեց Լոս Անճելըս, ուր քանի մը առիթներով տեսնուեցանք: Յաւիտենական դժգոհ մըն էր: Երկար տարիներ մնաց «Հրեշտակներու» քաղաքը, բայց բնաւ չհաշտուեցաւ այդտեղի կենցաղին, եւ իր իսկ խօսքերով, նախընտրելով Պուրճ Համուտի նեղ ու աղմկոտ փողոցները, վերջնականապէս վերադարձաւ Լիբանան:

***

«Սանթրալ» շարժապատկերի սրահին ճի՛շդ դէմը կը գտնուէր Ատիս Հարմանտեանին «տիսքոթեք»-ը` Adisc: Ատիս իր հօր անուշավաճառի գործը յանձն առած էր, սակայն իր շատ արագ յաջողութենէն ետք, որպէս հայերէն էսդրատային երգիչ, բնականաբար չշարունակեց անուշավաճառի ընտանեկան գործը եւ վերածեց «տիսքոթեք»-ի:

Ատիսի փառքի տարիներն էին եւ շատ յաճախ կը ճամբորդէր` «տիսքոթեք»-ը վստահելով իր եղբայրներուն: Բաւական ընդարձակ էր «տիսքոթեք»-ը, եւ ետեւի մասը տրամադրած էր իր նուագախումբի փորձերուն:

***

Թրատ թաղի մէկ աննշան անկիւնը կը գտնուէր Ճօ Թաշճեանի փոքր, շատ փոքր «տիսքոթեք»-ը: Փոքրիկ կրպակ մըն էր, սակայն կրնամ վստահեցնել, որ ամենաբծախնդիր արձանագրողներէն մէկն էր Ճօ: Իւրաքանչիւր ձայնագրուած քասեթ, նախքան յաճախորդին յանձնելը, դարձեալ ունկնդրելով` կը վերստուգէր, քանի որ շատ յաճախ ելեկտրականութիւնը «կը խաղար» եւ կ՛ազդէր ձայնագրութեան որակին վրայ:

Շրջանի բոլոր «տիսքոթեք»-ները հայկական հին անգտանելի երգի մը համար կը դիմէին իրեն: Իր քով կարելի էր գտնել հայերէն երգերու ամենաճոխ հաւաքածոն:

Շրջան մը աշխատակցած է «Վանայ Ձայն»-ին հետ` յայտնաբերելու, թէ երգիչի մը ո՛ր երգը առնուած է թրքերէն եղանակէ մը, եւ երբ փաստէր, որ այդ եղանակին բնագիրը թրքերէն է, սոյն երգն ու մեկնաբանողը անմիջապէս կ՛անցնէին «Վանայ Ձայն»-ի «սեւ ցանկին» վրայ:

***

Կարճ ժամանակի մը համար ես ալ ունեցած եմ իմ անձնական «տիսքոթեք»-ս` «Disco Paul», որ կը գտնուէր Թրատ թաղին մէջ, կուրանոցին մօտերը:

Նապաայի անկումէն եւ Պուրճ Համուտի իսլամներու գաղթէն ետք, անոնց խանութները լքուած էին եւ ոչ հայերու կողմէ չգրաւուելու միտումով, այդ դատարկ խանութները հայկական ակումբներու կողմէ, «բաժնուեցան» հայ զինեալ տղոց:

Որպէս հայկական թաղերը պաշտպանող նախկին զինեալի` ինծի եւս բաժին ինկաւ այդ խանութներէն մէկը, եւ նկատի ունենալով երաժշտութեան սէրս` յարմար նկատեցի վերածել «տիսքոթեք»-ի:

Կը բանայի օրական քանի մը ժամ միայն: Ամէնօրեայ գործէս չէի հրաժարած: Եղած էր բարեկամներու ժամադրավայր մը:

Ներկայիս վերը յիշուած «տիսքոթեք»-ներէն եւ ո՛չ մէկը գոյութիւն ունի` բացի «Ճէ-Քա»-էն, որ տակաւին կը գտնուի նախկին «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճին մօտ: Օրերը փոխուած են քասեթները թանգարաններու մէջ միայն կարելի է գտնել, իսկ խտասկաւառակներու գործածութիւնը զգալաբար նուազած է: Շատ հաւանաբար անոնք եւս վերցուին հրապարակէն, սակայն ուրախ եմ, որ գէթ մէկ նմուշ մնացած է Պուրճ Համուտի պանծալի օրերը յիշեցնող «տիսքոթեք»-ներէն:

Պուրճ Համուտի մէջ ամէն քայլափոխի կարելի էր հանդիպիլ հայկական «տիսքոթեք»-ի մը: Հայերէն երգը կը տարածէին, սակայն կային որոշ թիւով հայեր, որոնք տակաւին կը սիրէին ցեղասպան թուրքին երգերը ունկնդրել: Հայկական ակումբները խստիւ արգիլած էին թրքերէն քասեթներու արձանագրութիւնը: Կային քանի մը գաղտնօրէն թրքերէն երգեր արձանագրողներ: «Հայ գաղտնի ոստիկաններ», որպէս «յաճախորդ», կը ներկայանային եւ կ՛առաջարկէին թրքերէն քասեթի մը արձանագրութիւնը: Վա՜յ անոր, որ իյնար թակարդը: Նախ` կ՛ազդարարուէր, որպէսզի չկրկնէ այդ սխալը, իսկ կրկին յանցանքի վրայ բռնուողները կը ստանային իրենց արդար պատիժը: Մեր արթուն պահակներն են հայկական ակումբները:

Թող չփորձեն «կրակի հետ խաղալ»:

Հայկականութիւն կը բուրէ Պուրճ Համուտը` իր դպրոցներով, եկեղեցիներով եւ ակումբներով: Անցեալին` նաեւ իր «տիսքոթեք»-ներով, որոնք բարձրախօսներէն հայերէն երգեր կը սփռէին ամէնուրեք: Փողոցներէն անցած ժամանակ ականջներուդ կը հասնէր Ատիս` իր «Ծաղիկներով» ու «Բարտիներով»: Քանի մը քայլ անդին Գաթրճեանին «Տլէ եաման»-ն ու «Արմէնեան հողը» կը լեցնէին մթնոլորտը, իսկ տարբեր փողոցներէ Մանուէլ, Յարութ, Մաքսիմ եւ Փոլ կը լսէինք: Իսկական Հայաստան մըն էր Պուրճ Համուտը, ուր շարժապատկերի սրահներն անգամ հայկական անուններ կը կրէին:

Այսօր Պուրճ Համուտի մէջ ո՛չ շարժապատկերի սրահ մնացած է, ո՛չ ալ «տիսքոթեք», սակայն իր մշակութային կեդրոններով, հայ մամուլով, ինչպէս անցեալին, նաեւ ներկայիս Պուրճ Համուտը կը մնայ լիբանանահայութեան բաբախող սիրտը:

Լոս Անճելըս, 2018

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Շղթայազերծուած Եռանդի Ուժով

$
0
0

Անցեալ ապրիլին անկախ Հայաստանի մէջ շղթայազերծուեցաւ ժողովրդային, յատկապէս երիտասարդական եռանդի այնպիսի՛ հզօր ալիք մը, որ կրնայ ուժականութիւն տալ երկիրը անյուսութեան ու բարոյալքման աքցաններէն ձերբազատելու եւ նորը, հրաշալի՛ն ստեղծելու ճիգերուն:

Այդ ալիքի առաջին հարուածներէն շշմած յետադիմական, հակայեղափոխական ուժերը, փոխանակ գիտակցելու, որ` իրենց ժամանակը արդէն աւարտած է, որ` իրենք պէտք է ալ մէկ կողմ կանգնին ու վկայ ըլլան կորուսեալ հնարաւորութիւններու կենսագործման, սկսած են վերակազմակերպուելու եւ վերադարձի ճանապարհներ դաւելու:

Այդ ալիքը ժողովուրդի ընդվզումէն ծնունդ առաւ ու կը պատկանի միայն ու միայն ժողովուրդի՛ն: Այս յայտարարութիւնը, եթէ քուէ ու զանգուածին սիրտը շահելու միտումով հնչող խօսքեր ըլլան, ապա շատ շուտով կը կորսնցնեն իրենց արժէքը եւ կը պարպուին իրենց իմաստէն: Բայց մենք վստահ ենք, որ իրեն` ժողովուրդին, պէտք չէ ամէն վայրկեան յիշեցնել, որ ի՛նքն է երկրին տէրը, ի՛րն են իրաւունքն ու իշխանութիւնը, եւ ի՛նքն է, որ պիտի տայ իր իղձերն ու ձգտումները իրականացնել խոստացողներուն գնահատականը:

Ինչպէս որ երկրին մէջ որեւէ այլ մենաշնորհ ընդունելի չէ՛, նոյնն է պարագան նաեւ ժողովուրդի ձայնը ըլլալուն: Այդ ձայնին իրաւունքը շահելու համար քաղաքական գործիչներ ու քաղաքական ուժեր պարտին միշտ զգաստ ըլլալ, պարտին միշտ հաղորդուիլ ժողովուրդի հոգեվիճակին հետ, միշտ կարենալ համոզել, թէ իրե՛նք են, որ լաւագոյնս կրնան հունաւորել զարգացման ու վերելքի ծրագիրները:

Անկախութեան այս տարեդարձին օրով կարելի է վստահօրէն յայտարարել, որ նոր Հայաստանի ստեղծման ազդանշանը տրուա՛ծ է արդէն, եւ այլեւս ոչ ոք կրնայ ժողովուրդը օրօրել կամ քնացնել` սին խոստումներով: Այս ժողովուրդը կը պահանջէ ու պիտի շարունակէ պահանջել ղեկավարումի, կառավարումի ու կազմակերպուածութեան բարձրագոյն մակարդակ, որպէսզի կարելի ըլլայ իր եռանդը, իր ստեղծագործական հանճարը ճի՛շդ օգտագործել, սերունդներուն տեսիլքը` արդար, բարգաւաճ, ուժեղ երկիր մը կառուցելու նպատակին համար:

 

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. 27-ամեայ «Այո՛»-ն

$
0
0

Հայաստանի անկախութեան վերականգնման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերահաստատման 27-ամեակը կը տօնենք ժողովրդավարական հասունացման ճամբով եւ հայոց ազգային պետականութիւնը արմատական բարեկարգման առաջնորդելու եւ սեփական ուժերով հզօրացնելու ինքնավստահութեամբ:

21 սեպտեմբեր 1991-ի հանրաքուէին մասնակցելու իրաւունք ունեցող Խորհրդային Հայաստանի բնակչութեան 95,5 առ հարիւրը, շուրջ` 2 միլիոն 57 հազար մարդ, մասնակցեցաւ անկախութեան հանրաքուէին. քուէարկողներուն շուրջ 2 միլիոն 43 հազարը (99,54 տոկոսը) «Այո՛» ըսաւ «Համաձա՞յն էք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը լինի անկախ ժողովրդավարական պետութիւն` Խորհրդային Միութեան կազմից դուրս» հարցումին: Միայն 0,46 տոկոսը «Ո՛չ» ըսաւ: Ամբողջ սփիւռքահայութիւնը, իր կարգին, եթէ առիթը ունենար մասնակցելու հանրաքուէին, հաւանաբար նոյն համեմատութեամբ «Այո՛» պիտի քուէարկէր:

«Այո՛» քուէարկելով` կը վերանորոգուի պայքարը շարունակելու ազգային վճռակամութիւնը, որովհետեւ 27 տարուան փորձով նոր սերունդները իրենց հերթին ամրագրեցին, որ անկախութիւնը անփոխարինելի՛ կռուանն է հայ ազգին եւ համակողմանի զարգացումի արժանանալու անբռնաբարելի իրաւունքին նուիրագործման:

1988-ի արցախեան պահանջատիրութեան շղթայազերծումէն մինչեւ 21 սեպտեմբեր 1991-ի Հայաստանի անկախութեան վերականգնումը` հայրենի հայութեան հետ ողջ  ժողովուրդը օրհասական տարողութեամբ դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ կրցաւ արժանաւորապէ՛ս դիմագրաւել: Յանուն Արցախի ազատագրութեան եւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման` հազարաւորներու արիւն նուիրաբերեց մեր ժողովուրդը, որպէսզի տէր կանգնի իր իրաւունքներուն եւ գերագոյն շահերուն:

«Այո՛»-ի ետին կանգնող հայորդին փաստեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումն ու հայրենիքին ամուր կապը իւրաքանչիւր հայուն պարտաւորութիւնն է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ: Անկախութիւնը ազգային գաղափարախօսութեան բաղկացուցիչներէն մէկն է, որուն իրականացումը տեղի կրնայ ունենալ հայրենիքով, մեր պարագային` այն հողամասով, ուր ազգը ապրած է դարերու ընթացքին` ստեղծելով տնտեսութիւն եւ մշակոյթ: Այդ հող-հայրենիքը եղած է ինքնութեան կռուան: Հետեւաբար ազգային անկախութիւնը հայրենիքով պայմանաւոր է:

Անկախութիւնը էական է եւ մասնիկն է ազգային գաղափարախօսութեան, որ անբաժանելի ամբողջութիւն մըն է:

Վճռական ճակատամարտերով չկերտուեցաւ վերանկախացումը, այլ` Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջական ազատագրութեան եւ վերականգնման հանրաքուէով: Հետեւաբար տեղին է անգամ մը եւս կրկնել, որ մայիս 28-ի անկախութիւնը հայորդիի մարտունակ ոգիին կը պարտինք, իսկ սեպտեմբեր 21-ի անկախութիւնը` անոր գիտակից յանձնառութեան եւ կամքին:

Հայաստանի ու հայութեան ապագայի պայծառ օրը նուաճելու պայքարին անփոխարինելի երաշխի՛քն է Հայաստանի Հանրապետութեան վերահաստատման այս օրը:


Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ, Դէպի Ապագայ –Գ. –Արտաքին Հին-Նոր Վտանգներ

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութկեան 100-ամեակի նշումը եթէ առիթ է վերադառնալու անոր ստեղծած ու անկէ ժառանգ մնացած արժէքներուն, անժամանցելի աւանդներուն, նոյն ատեն հրաւէր է քաղաքական շրջահայեացութեան եւ իրազեկ ըլլալու այդ օրերէն ի վեր մեր հայրենիքը պաշարող վտանգներուն ու մարտահրաւէրներուն, որոնք կապ ունին Հայաստանի ու մեր ժողովուրդի ճակատագիրին, լինելութեան հետ:

Հանրապետութեան արարման նախօրեակին, անոր կեանքի օրերուն թէ անկումէն ետք, շատ աւելի բացայայտ կերպով կը խօսուէր այդ վտանգներուն մասին, իսկ այսօր կարծէք թէ անոնք որոշ դիմափոխութեամբ կը ներկայանան մեզի` քողարկուած պահելով պատմական խորքն ու տարածքը:

Այդ վտանգներէն առաջինն ու գլխաւորը փանթուրանականութիւնն է, որ այսօր քաղաքական բեմին վրայ կ՛երեւի միայն իր թուրք-ազերիական բարեկամութեան տարազով (թէեւ այդ ալ բաւարար ուժեղ ցնցումներու կ՛ենթարկէ մեր հայրենիքն ու անոր քաղաքական կեանքը, ապահովութիւնը): Այսօր այս վտանգին մասին քիչ կը խօսուի իր բուն` պատմական անունով, որ կը կրէ համաթրքութեան ծրագիրներու խորագիրը: Ատենին մեր պետական ու քաղաքական գործիչները, մտաւորականները չէին վարաներ իր անունով կոչելու այս «ախտը». Հայաստանի անկախութեան հռչակման ու հանրապետութեան կեանքին մասնակիցներէն շատեր իրենց յուշագրութեանց ու վերլուծական յօդուածներուն, հատորներուն մէջ լուսարձակի տակ առած են այդ վտանգը. յիշենք գոնէ երկու անուն` Ռուբէն Տէր Մինասեան եւ իր «Հայաստան միջցամաքային ուղիներու վրայ» հատորը, եւ Զարեւանդն ու «Միացեալ, անկախ Թուրանիա»-ն: Այս հեղինակները, ինչպէս բազմաթիւ ուրիշներ, իրենց օրերուն խորազնին քննարկումներ կատարած են Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին կազմաւորուած այս գաղափարաբանութեան արմատները պեղելու եւ նպատակները բացայայտելու առումով, դիմած են թրքական աղբիւրներու եւ յուշագրողներու փաստերուն, ցոյց տուած են, որ թուրք պետական մտածողութեան մէջ զարգացած է այն հեռանկարը, որ թրքացեղ ժողովուրդները պէտք է միասնութիւն ստեղծեն, իրականացնեն տարածուն կայսրութիւն մը, որ պիտի ըլլայ փոխարինողը 19-րդ դարու վերջերուն արդէն բացայայտօրէն քայքայումի գացող Օսմանեան կայսրութեան:

Չենք ուզեր այս նեղ սիւնակներուն մէջ կանգ առնել օսմանականութեան ու թուրքիզմի շուրջ ծաւալած «մրցակցութիւններուն» եւ զուգորդութիւններուն վրայ, այլ կը բաւականանանք` շեշտելով, որ Եւրոպայէն դուրս նետուած թրքական կայսրութիւնը աւելի քան մէկ դարէ ի վեր կը հետապնդէ նոր կայսրութեան մը նախագիծը եւ մտահան չէ ըրած զայն իրականութիւն դարձնելու երազը, հակառակ անոր որ աշխարհի ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները յաճախ ստիպած են զայն անթեղուած ու լուսարձակներէ հեռու պահելու, շպարելու:

Իթթիհատականներու օրով շեշտակիօրէն դրսեւորուած այդ ծրագիրին ամէնէն աղէտալի մէկ հետեւանքը կրեցինք մենք` հայերս, այդ օրերու կայսրութեան ամէնէն տկար մէկ օղակն ըլլալով: Այդ ծրագիրին հետեւանքն է Ցեղասպանութիւնը, Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւումն ու հայերէ մաքրագործումը, ապա նաեւ` Սէյմին միացած, անկախութեան հասած ու անկախ պետականութիւնը վերստին կորսնցուցած Հայաստանին ուղղուած թրքական իրերայաջորդ հարուածները: Սարդարապատի նախօրեակին թէ հանրապետութեան կարճատեւ կեանքի օրերուն, թրքական դամոկլեան սուրը միշտ կախուած մնաց մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին գլխուն վերեւ. համաթրքութեան ծրագիրը անուղղակի գործակից մը գտաւ նոր համայնավարացած Ռուսիոյ մէջ` նախկին ցարական կայսրութենէն միանգամընդմիշտ խլելով Կարսն ու Արտահանը. տակաւին, Արցախի ու Նախիջեւանի տարածքներուն Ազրպէյճանի կցումը կարելի է դիտել նոյն այդ քաղաքականութեան լոյսին տակ` Անգարայի եւ Մոսկուայի համախոհութեամբ ու Ստալինի «կնքահայրութեամբ»:

Խորհրդային Միութեան ամրակայումով ու Հայաստանը նորաստեղծ կայսրութեան մէկ բեկորը դառնալով` փանթուրանականութեան վտանգը պահ մը սառնարան դրուեցաւ: Կարելի չէ ուրանալ, որ Մոսկուայի ռազմաքաղաքական հաշիւներուն բերումով, Խորհրդային Հայաստանը այս դիտանկիւնէն ապահովութիւն ունեցաւ շուրջ 70 տարի, եւ թրքական «գորշ գայլը» հարկադրուեցաւ ինքնազսպումի դիմելու, սակայն համաթրքութեան յղացքն ու անոր թելադրանքները ընդհանրապէս պահուեցան դարակներու մէջ, միշտ պատրաստ` դուրս բերուելու եւ կիրարկման դրուելու: Յամենայն դէպս այդ ծրագիրին գործնականացումը բոլորովին չկասեցուեցաւ ու չէ կասեցուած, որովհետեւ Թուրքիա մինչեւ այսօր ալ իր գրաւած հողերուն վրայ հայութեան հետքերուն ջնջումը կը շարունակէ, նոյնը կ՛ընէ Ազրպէյճան` Նախիջեւանի եւ հայութենէն խլուած այլ տարածքներու վրայ, աչքը սեւեռած կը պահէ… Արցախին:

Միւս կողմէ` պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ Խորհրդային Հայաստանի հանդէպ կարմիր Մոսկուայի հոգածութիւնը չէր բխեր Հայաստանի հանդէպ բացարձակ սէրէ մը, այլ նման ընթացք կը համապատասխանէր Ռուսիոյ շահերէն բխող դարաւոր քաղաքականութեան: Ի վերջոյ, համայնավար կայսրութիւնը կոչուած էր ժառանգորդը ըլլալու ցարականին, անկէ ժառանգած էր բոլոր այն հաշիւներն ու կայսերական հեռանկարները, որոնք կը թելադրէին հետամուտ ըլլալ սեփական շահերու եւ այլոց շահերը համակարգելու այդ հաշիւներուն հետ: Հանրապետական Ռուսիան ալ ժառանգորդն է նախորդ վարչաձեւերուն… Այդ շահերուն մէկ արտայայտութիւնն էին, Լոզանի դաշնագիրը կանխող ու անոր յաջորդող տարիներուն,  այսօրուան Հայաստանին սահմանին արեւմտեան գօտիին մէջ «Հայկական օճախ»-ի մը ստեղծման նպատակով տարուած աշխատանքներուն նկատմամբ Մոսկուայի տաք ու պաղ վերաբերմունքները, բայց մանաւանդ Բ. Աշխարհամարտի աւարտէն ետք, հաշիւներու դասաւորման պահուն, Կարսի ու Արտահանի հայկական պահանջին զօրակցութիւնը` կարճ ժամանակի համար. այս խաղաթուղթը շուտով մոռցուեցաւ, երբ կարմիր կայսրութիւնը կէտեր շահեցաւ աւելի արեւմուտք ինկող գօտիներու մէջ` նեղուցներու հարցով… Այսօրուան աշխարհին մէջ ռազմաքաղաքական հաշիւներու հետապնդումը հասած է անջրպետ, սակայն հին խաղին կարգ մը օրէնքները կը մնան ազդու: Ամէնէն աղաղակող օրինակին ականատես ենք Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ ու Թուրքիոյ միջեւ մերթ թշնամանքի, սակայն յաճախ գործակիցի դրսեւորումներուն:

Թուրքիա-Ազրպէյճան հին-նոր զինակցութիւնը գաղտնիք չէ, իսկ Հայաստանի վերանկախացումի նախօրեակէն ի վեր բազմաթիւ բանաւոր ու գործնական դրսեւորումներ ունեցած է: Հայաստան ու Արցախ կը մնան շրջափակուած` այն վախճանական տեսլականով, որ մեր հայրենիքին տնտեսական հիւծումը կարեւոր խաղաթուղթ մը պիտի ըլլայ այդ ծրագիրներուն իրականացման նպատակով: Ազրպէյճանի հետ սահմանային գօտիներուն յաճախակի ջերմացումն ու մերթ ընդ մերթ իրականացող ծաւալուն յարձակումները պէտք է դիտել այս բովանդակութեան մէջ: Թուրքիա այլապէս ալ բացայայտ ու քողարկուած աշխատանքներ կը տանի իր հեռակայ ծրագիրին մէջ տեղ ունեցող թրքացեղ երկիրներուն հետ. աւելի՛ն, իսլամական աշխարհին մէջ չի վարանիր իր «էշը յառաջ քշելու»` Հայաստանը ներկայացնելով իբրեւ անիրաւ, «ազերիապատկան հողեր բռնագրաւող» եւ մասամբ նորին: Այս գետնի վրայ հայկական դիւանագիտութիւնն ու դրական քարոզչութիւնը շատ ընելիք ունին: Անդին, Միջին Արեւելքի վերջին տարիներու ծանօթ զարգացումները յաւելեալ առիթ ընծայած են Թուրքիոյ` վերականգնելու լարախաղացի իր առաքելութիւնը. Անգարա մերթ կ՛օգտագործէ ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցի իր հանգամանքը եւ կը խաղայ արեւմտեան աշխարհի կիսադաշտին մէջ` առաւելագոյնս շահագործելով դաշնակիցներուն բարեմտութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը, իսկ պատեհ առիթով, ինչպէս նշեցինք, յանկարծ կը կախուի Ռուսիոյ չուանէն: Ու հայկական բեմի վրայ երբեմն զարմանքով կը դիտուին բարեկամական ու գործակցական այն յարաբերութիւնները, որոնք կը շարունակուին Մոսկուայի եւ անկէ հեռաւորութիւն խաղացող Ազրպէյճանին միջեւ, յառաջ կը քշուին դէպի Արեւմուտք յարելու մտածումներ` մոռնալով, որ ատենին հայ դաշնակիցին զլացուեցան աջակցութիւն եւ զօրակցութիւն` պատճառաբանելով, որ իրենց նաւերը չեն կրնար հայկական լեռնաշխարհ բարձրանալ:

Ժամանակին Հայաստանին սպառնացող անմիջական այս վտանգները ստացան պատկերաւոր բացատրութիւն. թրքական սալի եւ կարմիր մուրճի միջեւ վիճակի պատկերը: Զոյգ վտանգները այսօր ալ կան, այն իմաստով, որ Թուրքիա եւ իր մտապատկերին մէջ դաշնակից նկատուող աշխարհը ի մտի ունի Հայաստանն ու Արցախը վերցնել աշխարհէն, իսկ Ռուսիոյ պարագային, Հայաստան կը պահուի դարաւոր հաշիւներու կիրարկման մէկ յենարանը, որմէ Մոսկուա տրամադիր չէ միանգամընդմիշտ հրաժարելու, որքան ալ գրգռիչ ըլլան Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի թելադրած ախորժակները. նման կեցուածքի մէջ նմանապէս պէտք չէ միայն տեսնել Մոսկուայի հայաստանասիրութիւնը, այլ բացայայտ է, որ այդ քաղաքականութիւնը համապատասխան է առնուազն երկու դարէ ի վեր հետապնդուած հորիզոններուն…

Հայաստանի Հանրապետութիւնը 100 տարի առաջ հերոսաբար դէմ դրաւ փանթուրանականութեան վտանգին, սակայն Երեւանի շուրջ, հիւսիսը եւ Զանգեզուրի մէջ չյաջողեցաւ կասեցնել երկրորդ վտանգը` Կարմիր բանակին յառաջխաղացքը: Անկախ Հայաստանի դաշնակցական կառավարութիւնը ինքզինք գտաւ չարեաց փոքրագոյնը ընտրելու հարկադրանքին տակ եւ համայնավարներուն զիջեցաւ հանրապետութեան անկախութիւնը: Նոյն բեմահարթարումը կը մնայ ի զօրու, թէեւ դերակատարներն ու անունները փոխուած են: Իսկ հակառակ «զօրակայանին» դիտանկիւնէն, այսօր, հրթիռներու դարուն, Արարատի փէշերուն կամ աւելի հիւսիս տեղադրուած արեւմտեան հրթիռները եւ անոնց ետին կանգնող քաղաքական կամքը չեն կրնար հայուն վստահութիւն թելադրել, ինչ ալ ըլլան բաղձանքներուն տարողութիւնը: Այս բոլորին զուգահեռ, համաթուրանականութեան անմիջական վտանգը կայ ու կը մնայ Թուրքիոյ դարակներուն մէջ` անկախ անկէ, թէ անոր ղեկավարը կը կոչուի Աթաթիւրք, Մենտերես, Էճեւիտ, Տեմիրէլ, Էվրեն, Էօզալ, Չիլեր, Կիւլ կամ Էրտողան: Իսկ Ալիեւները միշտ պատրաստ են ընդառաջելու Անգարայի ուղեգիծին:

Այս վտանգին ու անկէ բխող մարտահրաւէրներուն վստահաբար իրազեկ են հայրենի պետական պատասխանատուներն ու կուսակցութիւնները` քաղաքական, դիւանագիտական թէ ապահովութեան նկատումներով:

Փանթուրանիզմը Հայաստանին ու հայութեան գլխուն կախուած սպառնալիք էր հանրապետութեան ծնունդէն առաջ, նոյն սպառնալիքը կը մնայ այսօր, մոգական գաւազանի մը շարժումով պիտի չշոգիանայ վաղը, ինչպիսի «բարեկամական յարաբերութիւններ» ալ որ թելադրուին մեզի` այս կամ այն շաքարապատ թոյնին անուան տակ: 100-ամեայ հանրապետութենէն մեզի հասած աւանդներէն մէկն ալ այն է, որ պէտք է մեր կարելի բոլոր միջոցները լծենք այս ու նման վտանգներու դիմակալման ու յաղթահարման նպատակին` հրաժարելով բոլոր այն քայլերէն, որոնք կրնան երէկի դրական իրագործումները` Սարդարապատի, Զանգեզուրի ու Արցախի մէջ շահուած իրական յաղթանակները նսեմացնել, կորստեան մատնել` այլապէս բարեշրջական քայլերու հետամուտ ըլլալու ընթացքին ներազգային խրամատներ ստեղծելով, գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ: Թուրքիոյ ու անոր գործակիցներուն համար շատ ալ կարեւոր չէ, թէ ո՛վ է Հայաստանի իշխանութեան ղեկը վարողը, կամ արդեօք «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ն ու նման շարժումներ կրնա՞ն կասեցնել վաղեմի դաւերը:

Համաթրքութեան դէմ Սարդարապատը եղաւ մեր արդիւնաւոր միասնութեան ամէնէն պերճախօս ու գործնական օրինակը: Մեր յառաջիկայ սարդարապատները կը կարօտին նոյն միասնութեան, հեռու` ներազգային ու միջկուսակցական վիհերէ:

3-18 սեպտեմբեր 2018

Խմբագրական «Գանձասար»-ի –Սեպտեմբեր Բ. –Ո՞վ Պիտի Տուժէ

$
0
0

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան եւ Յատուկ քննչական ծառայութեան ղեկավարներու հեռաձայնային զրոյցին գաղտնալսումը ապօրինի ու դատապարտելի է անտարակոյս: Անոր բովանդակութիւնը չ’արդարացներ կատարուած օրինախախտումը:

Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, դատական համակարգի անկախութիւնը խախտող մտահոգիչ երեւոյթ մը երեւան կը բերէ: Երեւոյթ մը, որ արդարանալի չէ Հայաստանի կառավարման համակարգը ժողովրդավարութեան հիմքին վրայ հաստատել փորձող կողմերու ճիգերուն մէջ:

Համակարգը փոխելու համար նախ քաղաքական դաշտին մէջ գործող ուժերուն առարկայական մօտեցումը անհրաժեշտ է զգալ ու տեսնել: Ժողովրդավարական կարգեր հաստատելու հիմքը առարկայական քննարկումներն ու տրամաբանօրէն զարգացող գործընթացները պիտի կազմեն, ոչ թէ` ամէն բան արդարացնելու անհիմն յայտարարութիւններն ու սպառնալիքները: Որքան ալ քաղաքական դաշտի մէջ մրցակցութիւնը սուր ըլլայ, անհրաժեշտ է, որ անիկա հիմնուի գործի, արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան հաստատման սկզբունքներու եւ ոչ թէ զգացական պոռթկումներու եւ սահմանադրութիւնն ու դատաիրաւական համակարգը խախտող ու քաղաքական դաշտը բեւեռացնող մօտեցումներու վրայ:

Հայաստանի մէջ արմատական փոփոխութիւններու իրականացումը բնականաբար դժուարութիւններու պիտի հանդիպի, որոշ կողմեր պիտի փորձեն խափանել փտածութեան դէմ պայքարն ու ազատ մրցակցութեան դաշտի ձեւաւորումը: Այնուամենայնիւ, այս դժուարութիւններուն առաջքը առնելու եւ Հայաստանի արդէն իսկ բարձրացած միջազգային վարկը պահպանելու համար քաղաքական ուժերը քննարկումի իրենց դաշտը պէտք է դարձնեն ներքին հարթակները,  Ազգային ժողովը` գլխաւորաբար:

Եւրոպական խորհուրդի ԽՎ-ի  քաղաքական հարցերու եւ ժողովրդավարութեան յանձնաժողովի նիստին Հայաստանի տիրող ներքաղաքական իրավիճակը եւ վերջին շրջանին տեղի ունեցած զարգացումները քննարկելէ առաջ, նախընտրելի պիտի ըլլար օգտագործել Ազգային ժողովի հարթակը: Այնտեղ սրտբաց ու կառուցողական քննարկումներ կատարելու եւ այս օրակարգը փութալով չհասցնելու  Եւրոպական խորհուրդի ԽՎ-ի վերոյիշեալ յանձնաժողովի նիստ` գէթ այս օրերուն:

Քաղաքական ուժերը պիտի կարենան օգտագործել իրենց ներքին լծակներն ու դրական ներգործութեամբ թափ տալ փտածութեան եւ մենաշնորհեալներուն դէմ պայքարին: Արտաքին հարթակներ օգտագործելը կամ գաղտնալսումներ իրականացնելը մեր երկրի վերելքին նպաստող քայլեր չեն համարուիր: Նման գործելաոճով մեր երկիրը պիտի ըլլայ առաջին տուժողը:

Օրէնքներու, օրինականութեան եւ իրաւունքի սկզբունքներու պահպանումը, անվտանգութեան ու քննչական մարմիններու գործողութիւններուն օրինականութիւնը յանդգնութեամբ քննելն ու հետեւողական ոգիով գործելն է, որ մեր երկրին զօրեղացումին ու բարեփոխումներուն պիտի նպաստէ: Այս աշխատելաոճն է, որ ներկայ կառավարութիւնը եւս պիտի ուժեղացնէ:

Ուժգնօրէն ներքին վէճերով տարուելու փոխարէն` փափաքելի է հաստատ, բաղձալի կռուանի մը վրայ դնել Հայաստանի մէջ արդար ու ժողովրդավար կարգեր հաստատելու առաջնահերթ գործը:

Կը յուսանք, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ընթացքն ու արդիւնքները նորովի հարթութիւն կը պարգեւեն մեր երկրի ժողովրդավարական ճամբուն եւ կ’ամրագրեն վստահութեան մթնոլորտը:

«Գ.»

Արարատի Գագաթին Եռագոյն Պարզել Կ՛ուզեմ…Իրականացած Փափաք Եւ Շօշափելի Երազ

$
0
0

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Ու կը շարունակենք հոգեպէս բարձրանալ արարատագնացներուն հետ.

«Յուլիս 11 – Աւելի ցից ու ժայռոտ էր ճամբան, գրեթէ 5 ժամ քալեցինք ու  բարձրացանք 3200 մեթրէն մինչեւ մօտաւոր 4200 մ, օդը արեւոտ էր, կապոյտ երկինք,  քիչ մը աւելի ցուրտ: Հակառակ ցից ըլլալուն` աւելի դիւրին կրցանք բարձրանալ: Հասանք 2-րդ բանակավայրը, քիչ մը հանգիստ ըրինք, եւ հոն մեզի ըսուեցաւ, որ պէտք էր կանուխ քնանայինք ու պատրաստ ըլլայինք գիշերուան արշաւին: Աւելի՛ն. երկու խումբի պիտի բաժնուէինք, մեզմէ ոմանք արագ կը քալէին, իսկ ուրիշներ` աւելի դանդաղ: Բացատրուեցաւ, որ կամաց քալողները ժամը 12:00-ին պէտք էր սկսէին քալել, իսկ ժամ մը ետք` 1:00-ին, արագ քալողները:

Թէեւ պէտք էր հանգիստ ընէինք, սակայն ինչպէ՞ս կարելի էր քունի անցնիլ, երբ գիտես, թէ որքան մօտեցած ես գագաթին: Բաւական ցուրտ էր, նախքան մեր քնանալը` տեղատարափ անձրեւ եկաւ, մեր առաջնորդները ըսին, որ այդպէս շարունակուելու պարագային, պիտի չկարենայինք շարունակել մեր երթը:

Բարեբախտաբար բարելաւուեցաւ եղանակը, սակայն մեր հոն գտնուած ժամերուն կը լսէինք, թէ ինչպէ՛ս ժայռերը կը սահին ու դէպի վար կը գլտորին: Ճշդուած ժամերուն գլխու լոյսերով սկսանք քալել, հետաքրքրական էր այդպէս բարձրանալ, ամէն բան չես կրնար տեսնել, կը զգաս ցից մասեր կան, այլ տեղեր ձիւն կար, եւ զգուշ պէտք էր յառաջանալ: Մեր ճամբայ ելլելէն առաջ մեր առաջնորդը ըսած էր, որ եթէ մէկը զգայ, թէ ալ չի կրնար շարունակել, ինք անոր հետ պիտի չվերադառնայ, այլ ան առանձին պիտի իջնէր երկրորդ հանգստավայր, ուր վրանները եւ խոհանոցը պիտի պահուէին, լոյսերը վառած պիտի մնային:

Արտային փորձառութիւնը բաւական հակասական եղած է այս հանգրուանին. «Ես մարզիկ չեմ, լաւ ալ չէի մարզուած գագաթ ելլելու, առաջին օրէն ունէի այն մղձաւանջը, որ պիտի չհասնիմ գագաթ: Քիչ մը քալելէ ետք, 4700 մեթրէն քիչ մը վար էինք, զգացի, որ չափազանց յոգնած եմ ու ես ինծի ըսի, թէ երկու փուլ արդէն անցայ, լաւ է, որ հրաժարիմ, մանաւանդ որ, ըստ ինծի, կարելիէս աւելին ըրած եմ արդէն: Առաջնորդը ըսաւ, որ եթէ պիտի հրաժարիմ, ուրեմն առանձինս պիտի վերադառնամ: Զիս փորձեց համոզել Մենարը, բայց բաւական լարուած էի: Բոլորը անցան, առաջնորդը երբ քովս հասաւ, ըսաւ. «Արտա՛, կրնաս ընել, ինչո՞ւ կանգ առիր»: Պատասխանեցի, որ իսկապէս շատ յոգնած եմ, կարելիութիւն չունիմ շարունակելու: Մնացի առանձին, անգամ մը վեր նայեցայ եւ տեսայ ընկերներս, որոնք դանդաղ-դանդաղ կը բարձրանային, նայեցայ վար, ուր վրաններուն լոյսերը կ՛երեւէին, ու ես ինծի ըսի. «Արտա՛, փոխանակ դէպի վար քալելու, բարձրացիր ու միացիր ընկերներուդ: Վրաս տարօրինակ ուժ մը եկաւ, ինքզինքս հաւաքեցի ու սկսայ ելլել: Քիչ անց տեսայ Աննան, Մենարը, որոնք յոգնած ու դանդաղած էին, ինչպէս նաեւ` Թամարը, որ ըսաւ, թէ անհանգիստ է ու պիտի չկարենայ շարունակել: Ըսի իրեն, որ ես ալ կանգ առած էի, բայց ուժ առի ու քալեցի, ուստի իրենք եւս կրնան ընել: Ըսի ու քալեցի, կանգ չառի իրենց քով, մինչ այդ Թամարը կը փորձէր բացատրել, որ լուրջ է իր պարագան եւ, հակառակ իր կամքին, կ՛ուզէին զինք վերադարձնել: Սակայն այդ պահուն չընկալեցի ըսուածը եւ շարունակեցի քալել»:

Պետիկը տուաւ յաւելեալ տեղեկութիւններ. «Վերջին գիշերը կը ծրագրուի կանուխ ճամբայ ելլել` ժամը 12:00-1:00-ին, որպէսզի գագաթ հասնիս ամէնէն լաւ ժամուն` առաւօտեան 6:00-ին, երբ խաղաղ կ՛ըլլայ, արեւուն ճառագայթները ողողած կ՛ըլլան գագաթը, ուստի ջերմաստիճանը աւելի լաւ ու տաք կ՛ըլլայ, իսկ եթէ կէսօրին ճամբայ ելլես վերջին փուլին, գագաթ պիտի հասնիս կէսօրէ ետք, երբ արեւը մար մտնելու մօտեցած է, եւ սառնամանիք է, չես կրնար տոկալ: Ես միացայ աւելի ուշ ճամբայ ելլող խումբին, որովհետեւ միւսներուն հետ էին առաջնորդն ու Կարինէն, որ նախապէս Արարատ բարձրացած էր: Միշտ ալ կը կրկնէինք, որ միասնաբար պիտի հասնինք գագաթ, այս էր մեր հիմնական նպատակը:

Ժամը 11:00-ին, երբ առաջին խումբը ճամբայ ելաւ, արթուն էի, միասին «Հայր Մեր»-ը ըսինք ու քալեցինք: Գեղեցիկ էր տեսարանը, մութին մէջ լոյսերով կը քալէինք. երբ երկրորդ խումբը արթնցաւ, եկան բոլորը քովս, ու միասնաբար դիտեցինք տպաւորիչ լոյսերու գիծը, որ կազմուած էր մեր ընկերներէն, իսկ աւելի անդին գագաթը կ՛երեւէր արդէն: Այսքան ատեն բարձրացած եմ Արարատ, սակայն ոչ մէկ անգամ առիթ ունեցած եմ հեռուէն դիտելու բարձրացողներուն երթը, մանաւանդ որ մեր խումբի անդամներն են անոնք»:

Թամար Քէշիշեանը բաւական անհանգստացած է, 4 առաջնորդներէն մէկը որոշած է անոր հետ վերադառնալ, թէեւ նախապէս ըսուած էր, որ առաջնորդ չկորսնցնելու համար վերադառնալ ուզողը առանձինն պիտի իջնէր: Երբ լսած են, որ առաջնորդը ինք ընկերակցած է Թամարին, գիտցած են, որ իրենց ընկերուհիին վիճակը իսկապէս վատ է: Բուն առաջնորդն է, որ որոշած է վերադառնալ, որովհետեւ բարձրութեան հիւանդութիւնը (ալթիթիուտ սիքնըս) հարուածած է զայն, հակառակ դէպի վար քալելուն` կարծած է, որ լեռ կը բարձրանայ, եւ` այլ ախտանշաններ, որոնք մարդու կամքէն ու գիտակցութենէն դուրս են. այլ խօսքով, ան իր անձին տիրապետելու կարողութիւնը կորսնցուցած է այդ պահուն, ուստի անկարելի է առանձին ձգել զայն, որովհետեւ չէր կրնար երկրորդ կայանը վերադառնալ:

«Մենք շարունակեցինք մինչեւ լուսածագ, երբ արդէն սկսանք տեսնել գագաթը: Արագ քալողները արդէն հանգիստ կ՛ընէին, միւսներուն մէջ կրկին կար այդ խարխափումը` հասնիլ-չհասնելու: Պետիկը կը փորձէր օգնել բոլորին եւ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէր, որ բոլորը միասին հասնին գագաթ:

«Ես ըսի, որ եթէ բոլորը չհասնին, ես ալ պիտի չբարձրանամ: Արագ քալողները սկսան ըսել, որ արդէն շատ ցուրտ է, կ՛ուզեն բարձրանալ, իսկ ես կ՛ուզէի, որ բոլորս միանանք, թէեւ, միւս կողմէ, եթէ մէկ մասը հասնէր լեռ, պիտի կարենային դանդաղողներուն ըսել, որ արդէն հասնող եղաւ, եւ իրենք ալ կրնան ընել ատիկա», ըսաւ Պետիկը:

Արարատագնացները խոստովանեցան, որ շատ դժուար էր Արարատը նուաճելը, սակայն մէկը միւսին ուժ տալով, քաջալերելով, ներշնչելով` կարելի եղաւ իրականութիւն դարձնել երազի նմանող ծրագիր մը: Բոլորն ալ ապրած են պահեր, երբ կարծած են, որ ա՛լ չեն կրնար յառաջ ընթանալ, սակայն միշտ ալ եղած է խայծ մը, խօսք մը, արարք մը, ձայն մը, երաժշտութիւն մը, որ ուժ տուած է, ոտքի հանած է եւ մղած է դէպի վեր` դէպի լեռն անմահական:

Գրեթէ բոլորը միասին իրենց ոտքը դրած են սրբազան լերան կատարին, որուն ամէնէն վերի բաժինը գտնուող փոքր ու ցից բլուրին հասնելու համար կարիք կար յատուկ երկաթներու, որոնք կ՛ամրացուէին կօշիկներուն տակ, սակայն անոնցմէ բաւարար թիւով չկար բոլորին համար, ուստի փոխն ի փոխ յաւելեալ ուժ ունեցողները բարձրացած են նաեւ հոն, ուր հազիւ երեք-չորս հոգի կը բաւէ: Մեծամասնութիւնը կրցած է այդ ալ ընել:

Այս պարագային, բախտը ժպտացած է Մենարին. «Ես չունէի այդ երկաթներէն. ամբողջ լերան վրայ, մեզմէ բացի, կային չորս պարսիկներ, որոնք մէկ առաջնորդով բարձրացած էին: Անոնք մեզմէ առաջ ելած էին ու կը վերադառնային: Բախտը ժպտաց ինծի, անոնց առաջնորդը պատրաստակամ էր այդ երկաթներէն մէկը տալու, մեր տղոցմէ մէկը ոտքը երկարեց, որպէսզի իրեն անցընեն, սակայն անոր ոտքի չափին յարմար չէր, փոքր էր: Ես երկարեցի ոտքս, որուն յարմար էր այդ երկաթը, ուստի աւելի վճռական դարձայ` այդ բլուրն ալ բարձրանալու: Ինծի հետ էր Հայաստանէն մեզի հետ եկած առաջնորդ մը: Մինչեւ հոն ո՛չ դուրս տուած էի, ո՛չ ալ` գլխացաւ ունեցած, պարզապէս անտանելիօրէն յոգնած էի: Հազիւ սկսայ յառաջանալ, 5000 մեթրի վրայ, դուրս տուի, վերէն եկող առաջնորդը միացաւ ինծի, հազիւ քանի մը քայլ եւս քալած` կրկին դուրս տուի: Թէյ տուաւ, չամիչ կերայ, քիչ մը հանգիստ ընելէ ետք ըսաւ, որ ինք պիտի սկսի քալել եւ թելադրեց, որ իրեն բռնուիմ, ու միասին քալենք: Բաւական տեղ այդպէս բարձրացանք, սակայն անկէ ետք ձգեցի առաջնորդին ու առանձին շարունակել որոշեցի, հազիւ քանի մը քայլ ալ նետած` ինկայ եւ զգացի, որ այլեւս անկարելի է ոտքի կանգնիլ, ուստի սկսայ սողալ, այն ատեն իմ ընկերներս անդրադարձան, որ մօտեցած եմ իրենց ու քաջալերեցին, որ հասնիմ իրենց քով: Հասայ, այդ բաժինն ալ ունէր իր անուշութիւնը»:

Արարատին գագաթին ՀՄԸՄ-ականները վերանորոգած են իրենց երդումը, բոլորը պարզած են դրօշակներ` եռագոյնը, ՀՄԸՄ-ի եւ տարբեր երկիրներու, ուրկէ եկած էին լեռնագնացները: ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի դրօշակը եւս ծածանած է եւ հնչած` «Յառա՛ջ, նահատակ»-ը, ինչպէս նաեւ վառած է այն ջահը, որ աւելի ուշ հասցուած է Երեւան` Ծիծեռնակաբերդ: Խորհրդաւոր պահ մը, որ ապրելու համար արժէ պայքարիլ, յոգնիլ ու չյուսահատիլ:

«Թէեւ արեւոտ էր, սակայն սաստիկ հով կար, որ կը հասնէր մեր ոսկորներուն եւ կը սառեցնէր մեզ: Բարձրանալու մասին կը մտածէինք միշտ, հասնելու, սակայն երբեք չէինք մտածած այն մասին, որ իջնելը նոյնքան արկածախնդրական եւ դժուար էր: Այդ ձիւնի բաժինը իջնելը բաւական վտանգաւոր էր, կային ցից բաժիններ, ձիւներուն մէջ մնալու կամ մէջը մխրճուելու վախ, գլորող սառոյցի կտորներ: Այս անգամ չկային հանգրուաններ, այլ առանց դադարի պիտի վերադառնայինք ստորոտ: 26 ժամ քալեցինք ու քալեցինք, չափազանց յոգնած էինք, մեր միակ նպատակն ալ հասնիլ ու հանգիստ ընելն էր», իրենց ուխտագնացութեան պատմութիւնը եզրափակեցին անոնք` նշելով, որ բաւական ատեն տակաւին անհաւատալի կը թուէին այս բոլորը, կարծէք` ուժգին ցնցումէ արթննալ չէին կրնար:

Խումբը փորձառութիւն մը ապրած է նաեւ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր այցելած է իբրեւ վերջին հանգրուան: Պետիկ Գասպարեանի համաձայն, ինք միշտ ալ մտքին մէջ ունեցած է, որ միասնաբար աղօթեն եկեղեցւոյ մէջ, սակայն ոչինչ ըսած է ընկերներուն, մանաւանդ լաւապէս գիտնալով, որ ատիկա արգիլուած է: Միասնաբար մտած են եկեղեցի, առանց իրարու բան մը յուշելու:

Պետիկը, որ որոշ փորձառութիւն ունի, պատմեց. «Երբ կղզի հասանք, Կարինէն ինծի ըսաւ, որ Ուրուկուէյէն Միքայէլը կը փափաքի Եռագոյնով նկարուիլ, սակայն կը մտածէ, թէ արգիլուած է, եւ հարց կրնայ ծագիլ: Այս առաջարկը մտքիս մէջ դրոշմուեցաւ, եւ չուզեցի, որ Միքայէլը առանց այդ երազը իրականացնելու վերադառնայ հեռաւոր Ուրուկուէյ: Բացատրեցի իրենց, թէ ուր կանգնած են ոստիկանները, խնդրեցի, որ կղզին պտտին, ապա ժամ ճշդեցինք եկեղեցւոյ առջեւ հաւաքուելու, ներսը աղօթելու»:

Ու կը շարունակեն` մէկը միւսին միտքը ամբողջացնելով. «Ճշդուած ժամուն հաւաքուեցանք ու երկու-երկու սկսանք եկեղեցի մտնել, ոստիկանը եկեղեցւոյ մէջ տեղեկութիւններ սկսաւ տալ մեզի, անբնական ոչինչ նկատեց: Փորձեցինք գրաւել զինք. երբ քիչ քիչ բոլորս եկեղեցին լեցուցինք… «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»-ին ու խաչակնքելուն հետ, արդէն իսկ Միքայէլը ձայնը բարձրացուց եւ սկսաւ Հայր Մերը երգել, բոլորս միացանք անոր եւ տէրունական աղօթքը լեցուց եկեղեցին: Եթէ նախապէս ծրագրած ու որոշած ըլլայինք, այսքան գեղեցիկ պիտի չըլլար, ինքնաբուխ էր ամէն բան ու բնական… Մեր եկեղեցիներուն մզկիթի վերածուիլը տեսած էինք, Անիի մէջ մեր քարուքանդ եկեղեցիներուն կսկիծը կար մեր սրտին մէջ, ուստի բնական էր, որ աղօթքը բարձրանար մեր սրտերէն: Ոստիկանները իրար անցան, նկարեցին մեզի, փորձեցին արգիլել, լռեցնել, սակայն մենք շարունակեցինք, աւարտեցինք մեր աղօթքը եւ դուրս ելանք: Այս բոլորը ըրինք, առանց մտածելու այն մասին, որ կրնայ ասիկա հետեւանքներ ունենալ, այդ վայրկեանին Ս. Խաչի մէջ բարձրաձայն աղօթելն էր կարեւորագոյնը»:

Պետիկի մտքին մէջ սակայն, տակաւին մնացած է Միքայէլին փափաքը. «Եկեղեցիէն դուրս ելանք եւ դէպի լիճ քալեցինք. մինչ այդ մեր նկարած բոլոր տեսերիզները եւ նկարները արդէն մեր ընկերներուն ղրկեցինք` մտածելով, որ եթէ ոստիկանները մեր բջիջայինները առնեն ու ջնջեն նկարները, գոնէ ուրիշի քով հասած ըլլան անոնք: Բոլորին ըսի, թէ շատ արագ պէտք է շարժիլ, համախմբուիլ, Եռագոյնը պարզել եւ շատ արագ լուսանկարուիլ: Բեկորը բջիջայինը պատրաստեց, մինչեւ տասը սկսայ հաշուել, 8-ին դրօշակը հանեցինք, նկարուեցանք, կրկին պահեցինք ու շարունակեցինք»:

Վերադարձին թրքական սահմանին վրայ քիչ մը աւելի մանրամասն խուզարկութիւն կատարուած է, բազմաթիւ հարցումներ ուղղուած են, բայց ի վերջոյ իրենց երազը իրականացուցած խումբը հասած է Վրաստան, ուրկէ Հայաստանէն վարորդ մը, որուն հետ նախապէս համաձայնած էին, եւ որ զիրենք օրեր առաջ տարած էր սահման, եկած է կրկին զիրենք վերադարձնելու: Պասին մէջ բաւական զգացական պահեր ապրած են բոլորը, յուզիչ եւ ազդեցիկ ժամեր անցուցած են հոն, իւրաքանչիւրը պատմած է իր ապրածը, զգացածը, երազածը: Երբ բոլորը լռած են, վարորդը` Արթիւրը, խնդրած է, որ իրեն ալ արտօնութիւն տրուի խօսելու. ան ըսած է. «Տղե՛րք, հաւատացէք, ձեզի հոս հասցնելէս մինչեւ ետ գալու պահս, աչքերս չեն փակուած: Կէսօրուան 12:00-ին պէտք է գայի սահման, սակայն առտուան 7:00-էն հոս էի, անհամբեր ձեզի կը սպասէի: Եւ այն գիշերը, երբ դուք լեռ պիտի բարձրանայիք, եւ ես գիտէի, որ այդ ժամերուն դուք հոն պէտք է ըլլայիք, պատշգամը նստայ ու հեռուէն դիտեցի, մտահոգ էի, կնոջս ըսի, որ հիմա այս տղաքը Արարատին վրայ են, գիտեմ, որ հոսկէ դիտելով զիրենք պիտի չկարենամ տեսնել, որովհետեւ հեռու ըլլալէ բացի, անոնք միւս կողմէն կը բարձրանան, բայց պիտի մնամ հոս, լուսցնեմ, թերեւս գագաթը երբ հասնին, կը տեսնեմ զիրենք…»:

Արարատ բարձրանալը երազ չէր այլեւս այս տղոց ու աղջիկներուն համար, այլ քաղցր իրականութիւն, անմոռանալի լուսանկար ու թարմացնող յիշատակ: Թանկագին ապրումներով, մտածումներով եւ Արարատի գագաթին վառած ջահով անոնք հասած են Հայաստան, ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուներուն յանձնած են ջահը, որ միացած է Ծիծեռնակաբերդ բերուած միւս երեք ջահերուն, ինչպէս նաեւ բիւրեղ գագաթէն բերուած հողի տուփը, որ իր տեղը գտած է միւսներուն կողքին:

… Կը նայիմ տղոց ու աղջիկներուն, կը փորձեմ աւելի թափանցել անոնց մտքերուն եւ սրտերուն խորը, զգալ ու ապրիլ իրենց հետ, սակայն Արարատ բարձրացողն ու Արարատ բարձրանալուն մասին պատմութիւն լսողին միջեւ եղած տարբերութիւնը մեծ է անպայման, թէեւ սրբազան լերան հանդէպ սէրն ու պաշտամունքը կը մնայ նոյնը` իւրաքանչիւր հայու սրտին ու մտքին խորերը, իսկ զայն տուն բերելու կտակը` բոլորին պարտքը…

Արարատ Բարձրացողներուն
Տպաւորութիւնները

Թամար Քէշիշեան (Լիբանան)

Փոքր տարիքէս ծնողքէս, դպրոցէն, եկեղեցւոյ եւ ակումբի մէջ հայեցի դաստիարակութիւն ստացած եմ: Փոքր տարիքի երազներէս մէկն էր Հայաստան երթալ, ապա` պատմական Հայաստան այցելել: Սրտիս մէջ տարբեր տեղ ունին Հայաստանն ու պատմական Հայաստանը: Երբ ինծի առաջարկուեցաւ Արարատ բարձրանալ, անմիջապէս համաձայնեցայ` առանց մտածելու որեւէ բանի մասին: Շատ ոգեւորուած էինք բոլորս. թէեւ անձնական նախաձեռնութեամբ կ՛երթայինք, բայց մեծամասնութիւնը ՀՄԸՄ-ական քոյրեր ու եղբայրներ էին, որոնք միասնաբար պիտի բարձրանային մեր շատ սիրելի լեռը` Արարատը, որ միշտ երազած ենք ՀՄԸՄ-ի մէջ. «Արարատ երթալ կ՛ուզենք, բանակում ընել կ՛ուզենք, Արարատի գագաթին եռագոյն պարզել կ՛ուզենք»: Վերջին օրերուն սկսաւ զարգանալ այն գաղափարը, որ եթէ յարմար ըլլայ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին ջահավառութիւն ընենք եւ ջահը իջեցնենք Արարատ լեռէն եւ 100-ամեակի երդումնիս նորոգենք գագաթը: Երբ հասանք Արարատ լերան ստորոտը, շատ յուզուած էինք, որովհետեւ վերջապէս հասած էինք այն լեռը, որուն գեղեցկութեան, օդին մասին տարիներով լսած էինք. վերջապէս պիտի տեսնէինք լեռը պատմական Հայաստանի կողմէ:

Բոլորս շատ խանդավառ էինք եւ սկսանք երգել ազգային երգեր: Ճամբու ընթացքին գոյնզգոյն շատ ծաղիկներ տեսանք:

Գեղեցիկ էր նաեւ լսել հալող ձիւներուն ձայնը, որ լեռնէն կը հոսէր: Ճամբու ընթացքին գրեթէ բոլորս ունեցանք ֆիզիքական դժուարութիւններ, բայց միշտ իրարու կ՛օգնէինք, կը քաջալերէինք, որ մէկը չյանձնուի, եւ բոլորս միասին հասնէինք վեր: Մենք` ՀՄԸՄ-ական քոյրերս ու եղբայրներս, ազգային երգեր երգելով` կը բարձրանայինք մեր շատ սիրելի լեռը` Արարատը:

Ես դժուարութիւններու հանդիպեցայ առաջին օրը, որովհետեւ բաւական քալելու ճամբայ ունէինք, բայց միշտ կ՛ըսէի, որ պիտի հասնիմ վեր: Ինծի եւ բոլոր սիրելիներուս համար, մանաւանդ` ծնողքիս եւ հօրս համար, պիտի հասնիմ վեր: Դժբախտաբար 3-րդ օրը, 4700 մեթր բարձրութեան վրայ, անհանգստացայ եւ չկրցայ շարունակել. շատ յուզիչ էր, շատ ազդուած էի, որ 400 մեթր մնացած` չկրցայ գագաթ հասնիլ եւ ուխտս վերանորոգել սիրելի քոյրերուս եւ եղբայրներուս հետ: Քոյրերս եւ եղբայրներս իրենց ուխտը վերանորոգեցին: Յոյսով եմ, որ դարձեալ կ՛երթամ եւ այս անգամ կը հասնիմ գագաթ: Որքան խօսինք լերան գեղեցկութեան մասին, բացատրելի չէ, պէտք է ամէն հայ երթայ եւ իր աչքով տեսնէ: Կեանքին մէջ կը սորվիս, որ չկայ աշխարհի մէջ բան մը, որ կանգ առնել կու տայ քեզի նպատակներդ իրագործելէ:

Բեկոր Եագուպեան (Լիբանան)

«Խօսք չենք ուզեր, գործ կ՛ուզենք. Արարատ տեսնել կ՛ուզենք, Արարատի լանջերուն բանակում ընել կ՛ուզենք, Արարատի գագաթին եռագոյն պարզել կ՛ուզենք»:

3 տարեկանէս ի վեր կը լսեմ ու կը կրկնեմ այս կանչը, որ մէջս շատոնց արթնցուցած է զայն իրողութիւն դարձնելու փափաքը:

Անսահման էր ուրախութիւնս 20 տարեկանիս եւ մասնաւորապէս ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի առիթով իրագործելու կեանքիս մեծագոյն եւ ամէնէն դժուար նպատակներէն մէկը: Տարիներու ճիգի արդիւնք էր այս մէկը: Մեծ շնորհակալութիւն` Պետիկ Գասպարեանին, որ այս բացառիկ առիթը ստեղծեց: Շնորհակալ եմ իր վստահութեան, քաջալերանքին եւ խրատներուն:

Երանի Արարատը անկախ ըլլար, Արեւմտահայաստանը ապահով ձեռքերու մէջ ըլլար, որ կարենայինք գիշեր-ցերեկ վայելել մեր երկրի հողն ու ջուրը:

Այսօր ես աւելի կը հաւատամ, որ մեր գերագոյն նպատակին ուշ կամ կանուխ պիտի հասնինք, եթէ շարունակենք պահել մեր ամուր կամքը, եռանդն ու յարատեւ պայքարի ոգին:

Հիմա, երբ վայրկեան մը նստիմ եւ մտածեմ, թէ ճիշդ ամիս մը առաջ ո՛ւր էի եւ ի՛նչ կ՛ընէի, կ՛անդրադառնամ, որ այդ ամէնը իրականութիւն էր եւ ոչ` երազ: Օրին շա՛տ ոգեւորուած էի, կարծես երազի մէջ էի: Երբ գագաթ հասայ, գիտակցութիւնս կարծես պահ մը սառած էր: Այսօր կը զգամ, որ Արարատի մասին երազելը, հայրենիքի մասին երազելը աղուոր զգացում է, բայց երբ երթաս ու աչքերովդ տեսնես, հողին վրայ կոխես եւ վերադառնաս, անբացատրելի զգացում է:

Արարատէն վերադարձին այցելեցինք Վան քաղաքը: Ինծի համար այս մէկը մեծ նշանակութիւն ունէր, ես անհամբեր կը սպասէի այդ պահը, որովհետեւ արմատներուս մէկ մասը Վանէն են. մայրս վանեցի է, ան միշտ կը խօսէր մեզի Վանի մասին: Ես առիթ ունեցայ տեսնելու եւ զմայլելու Վանի գեղեցկութեամբ: Շատ ուրախ եմ, որ այս խումբին հետ բարձրաձայ Արարատ: Ես լեռնագնացութիւնը շատ կը սիրեմ: Նպատակ ունիմ աշխարհի տարածքին տարբեր լեռներ բարձրանալու սկսիլ, բայց միշտ ուզած եմ Արարատով սկսիլ եւ ուրախ եմ, որ այդ մէկը կատարեցի:

Ռոզալին Յարադուրեան (Շուէտ)

Անհաւատալի էր Արարատ բարձրանալը: Այդ ընթացքին շատ բաներ սորվեցանք: Դժուար պահեր եղան, երբ զգացինք, որ ա՛լ չենք կրնար դիմանալ, բայց մեր կամքը մեզ կը տանէր, որովհետեւ նպատակ ունէինք: Շատ ուրախ եւ հպարտ եմ, որ յաջողեցայ Արարատ բարձրանալ: Կեանքիս ամէնէն հպարտ օրերէն մէկն էր, որ բնաւ չեմ կրնար մոռնալ:

Կասիա Դիմիճեան  (Լիբանան)

Բարձրացանք Արարատը, վերադարձանք Հայաստան, տակաւին արարատեան ամպերուն մէջ էինք կարծես: Հազիւ պանդոկ մտանք, մեր դիմաց տեսանք Արարատի գծանկարը… Այս անգամ  տարբեր էր զգացումը Արարատի նկար տեսնելուն, անբացատրելի զգացում մը համակեց ողջ էութիւնս: Կարօտցած եմ այդ լեռն ու հոն գտնուողները:

Աննա Քէօմպեճեան (Լիբանան)

Բոլորիս համար երազ մըն էր, կը զգամ, որ ասիկա լռութեամբ խօսուն լեռ է իւրաքանչիւր հայու համար: Կը դիտես, կարծես` հետդ կը խօսի, սակայն դուն չես գիտեր, թէ ինչպէ՛ս պիտի բացատրես այս զրոյցը:

Երբ իջանք Արարատէն, հոն` ստորոտին, այն զգացումը ապրեցանք, որ կարծես մեր կեանքին մէջ ալ ոչինչ ունինք ընելիք:

Արտա Զէյթունլեան (Լիբանան)

Երազ էր, չէի երեւակայեր, որ օր մը կրնամ Արարատը մագլցիլ, հոն գտնուած պահերուն իսկ տակաւին չէինք հաւատար, որ Արարատին վրայ ենք:

Յատուկ փորձառութիւն մըն էր: Գագաթ հասնելու ճանապարհը բաւական դժուար էր ու յոգնեցուցիչ, բայց մեր խումբի անդամներու քաջալերանքն ու անպայման գագաթ հասնելու նպատակը մղեցին չյուսահատիլ ու շարունակել: Գագաթ հասնելէն ետք զգացումը հրաշալի էր եւ` նոյնքան անբացատրելի: Համոզուած էի, որ ա՛լ անկարելի բան չկար. եթէ կրցայ Արարատը մագլցիլ, ուրեմն չկայ բան մը, որ չեմ կրնար ընել, այդ զգացումը ամրապնդուեցաւ մէջս:

Մենար Պոյաճեան (Լիբանան)

Յաճախ կը կրկնէի, որ երկու բան անպայման կ՛ուզեմ ընել, մէկը սքայ տայվինկն էր, որ նախորդ տարի ըրի, իսկ երկրորդը Արարատ բարձրանալն էր, որ այս տարի իրականութիւն դարձաւ: Հիմա ի՞նչ ունիմ ընելիք…

Որքան ալ փորձեմ բացատրել, կը դժուարանամ ներաշխարհիս մէջ եղածը լիովին արտայայտել: Հրաշալի էր այն, որ լաւ ընկերներով շրջապատուած էինք, բոլորս զիրար չէինք ճանչնար, սակայն հանդիպումի առաջին վայրկեանէն իսկ այնպէս զգացինք, որ վաղեմի բարեկամներ ենք, թերեւս մեր նպատակը աւելի միաւորեց մեզ: Լաւ կը յիշեմ, որ երկրորդ օրուան մեր նշանաբանը եղաւ` «Պիտի չյանձնուիմ թուրքին», ընկերներուս ալ ըսի, որ եթէ կանգ առնեմ, յուսահատիմ, այս նախադասութիւնը կրկնեցէք անպայման: Թէեւ եղան պահեր, երբ մտածեցի, որ ինչո՞ւ այսքան դժուար բան մը ընելու որոշում տուի, որովհետեւ ատիկա իմ կարողութենէս վեր բան մըն էր, սակայն այդ ընկերութիւնը, իրարու ուժ տալը, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի հանգամանքը` բոլորը միասին տարբեր ուժ մը տուին:

Հաւանաբար ես վերջին անձն էի, որ խումբին միացայ, բոլորը 8 ամիս առաջ լուր ունէին, ես երկու ամիս առաջ տեղեկացայ ու որոշեցի միանալ, ֆիզիքապէս բնաւ չէի պատրաստուած, երկու անգամ դէպի Ճեմարան բարձրացայ: Մինչեւ այսօր ալ կը կրկնեմ, այդ լեռը եթէ Արարատը չըլլար, ես առաջին փուլը արդէն չէի ամբողջացներ:

Կայ նաեւ ուրիշ հակասութիւն մը, որ միշտ եղած է մէջս` ես կ՛ուզե՞մ Արեւմտահայաստան երթալ, թէ՞ ոչ: Երբ գործընկերներս գիտցան, որ Թուրքիա գացի, զարմացան, սակայն բացատրեցի, որ Թուրքիա չգացի, այլ մեր հողերուն վրայ էի: Միշտ կ’ըսէի, որ եթէ միայն Արարատ բարձրանալու համար մուտք կը գործեմ Թուրքիա, սակայն հիմա, որ Անիի եւ Աղթամարի փորձառութիւնն ալ ապրեցայ, այդ մտածելակերպս բոլորովին փոխուած է, եւ կ’ուզեմ անպայման երթալ ու մեր պատմական հողերը տեսնել, որովհետեւ հոն ըլլալն ու զգալը լիովին տարբեր է, քան ինչ որ կը լսես գացողներէն կամ կը կարդաս գիրքերու մէջ:

Ինծի համար Արարատը այլեւս նախ մեծ, ապա փոքր Մասիսն է… Արարատին վրայ նստիլ, ջուրերուն ձայնը լսել, ամէնէն փոքր ծաղիկն իսկ տեսնել, արծիւներուն սլացքը դիտել, այդ անուշութիւնը տարբեր է, շատ խորունկ եւ անբացատրելի… Այդ բոլորը թուրքին չեն, իմս է, ու ես անպայման կը վերադառնամ:

Պետիկ Գասպարեան (Լիբանան)

Տարբեր խումբերու հետ բարձրացած եմ Արարատ, առաջին անգամ հոն հասնելուս` 2012-ին, ուխտեցի, որ պիտի վերադառնամ եւ միշտ հետս ուրիշ հայեր պիտի բերեմ: Այդպէս ալ ըրի, 2014-ին գացի եւ այս տարի եւս: «Արարատը մերը չէ», կ՛ըսեն երբեմն, «Թուրքիոյ տարածքին մէջ է», բայց արդեօք ո՞ր հայը Արարատին նկարը չէ կախած իր տան պատէն, ո՞ր հայը իր սրտին մէջ չունի Արարատը: Կը սխալին նման մտածողները, Արարատը անպայման մերն է: Արարատ մագլցելու երազս իրականացաւ արդէն, հիմա նպատակս Արարատը Հայաստանին վերադարձնելու երազիս իրականացման համար ամէն ինչ ընելն է: Մեր հողերը դատարկ են, լքեալ են, մեզի կը սպասեն… Անոնցմէ հեռու ըլլալով ոչինչ կրնանք փոխել, պէտք է երթանք, մեր ոտքը դնենք հոն, ես այդպէս ըրի եւ պիտի շարունակեմ ընել, այնքան ատեն որ կը հաւատամ, թէ ջանքով կարելի է երազը իրականացնել: Կը փորձեմ այս մտայնութիւնս տարածել, պատրաստ եմ այլ խումբերու հետ կրկին բարձրանալ Արարատ, կրկին ապրիլ այս բոլորը:

Երրորդ անգամ ըլլալով Արարատ բարձրանալով իսկ նոր զգացումներ ունեցայ Արարատի գագաթին, մանաւանդ որ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած էր մեր այս արարատագնացութիւնը, իսկ ես ՀՄԸՄ-ական դաստիարակութեամբ հասակ նետած եմ, միութեան սկզբունքները խարսխուած են մէջս:

(Շար. 3 եւ վերջ)

 

 

 

 

Ակնարկ. Միջազգային Վարկի Ապահովման Դիտակէտով

$
0
0

Վարագոյրը իջաւ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն վրայ: Ներհայաստանեան առումով տակաւին կը քննարկուի մասնակցութեան համեմատութիւնը. Ճշգրիտ տուեալներու հիման վրայ կը ներկայացուին քաղաքապետական նախորդ ընտրութիւններու մասնակցութեան քանակը, համապետական ընտրութիւններու եւ համայնքային ընտրութիւններու մասնակցութեան շարժառիթներու տարբերութիւնները եւ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի նախապէս ապահոված քուէներու չափն ու յետյեղափոխական իրավիճակին մէջ իւրաքանչիւրին նկատմամբ ժողովրդային ընկալելիութեան խնդիրները:

Անկախ ներքին հարթութեան վրայ տարատեսակ մեկնաբանութիւններէն, կայ մանաւանդ արդար ընտրութիւններու մասնակցած ըլլալու թէ՛ ժողովրդային եւ թէ՛ քաղաքական ընդհանուր համոզուածութիւն:

Ահա այստեղ է, որ ներհայաստանեան կարեւորագոյն համայնքի ընտրութիւնները իրենց վրայ կը կեդրոնացնեն արտաքին գնահատականներու պաշտօնական արձագանգները: Միջազգային ընտանիքի տարբեր ներկայացուցիչները կը հաստատեն եւ դեռ տարբեր առիթներու պիտի հաստատեն ընտրական մշակոյթի նոր ոստում կատարած ըլլալու փաստը մեր երկրին մէջ:

Բացարձակ պարզամտութեամբ պէտք չէ մօտենալ անշուշտ նման գնահատականներու ապաքաղաքական ըլլալուն: Դէտերու, միջազգային կառոյցներու, գերտէրութիւններու արտաքին գործոց գերատեսչական բաժանմունքներու յայտարարութիւնները կը նկատեն եւ համապատասխանօրէն կ՛արժեւորեն այն, ինչ որ իրենք կ՛ուզեն նկատել եւ բնականաբար չեն նկատեր այն, ինչ որ չեն ուզեր նկատել:

Կը թուի այս պարագային, որ մեր երկրի ժողովրդավարացման միտող քայլերը մանրադիտակի տակ առնուած են: Եւ գէթ յայտարարողական մակարդակի վրայ իրադարձութիւնները կը ստանան դրական արձագանգներ: Թէ՛ թաւշեայ յեղափոխութիւնը, թէ՛ փտածութեան դէմ պայքարը եւ թէ՛ այժմ քաղաքապետական ընտրութիւնները իրենց վրայ հրաւիրած են ինչպէս գերտէրութիւններու, այնպէս նաեւ միջազգային ընտանիքի առնչուած տարբեր համաժողովներու  ուշադրութիւնը:

Յայտարարողական մակարդակի միջազգային ընդհանուր դրական մթնոլորտի ցուցանիշներէն կը նկատուին Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւը, ՄԱԿ-ի առաջին դէմքին հայաստանեան իրադարձութիւններուն  տուած աննախադէպ գնահատականը, պատմական ակնարկներով Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի տարածքային խնդիրներով նուրբ ուղերձներ փոխանցող Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Մեծն Բրիտանիոյ թագուհիին Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով յղած շնորհաւորագիրները: Բնականաբար անոնք բոլորը ունին նաեւ աշխարհաքաղաքական-տարածաշրջանային ենթաշարժառիթներ, որոնք կու գան լրացնելու դէպի Երեւան դրական ազդակներ յղելու այդ երկիրներու ընդհանուր քաղաքականութիւնը:

Եւ ըստ էութեան անտեղի չէ Ազրպէյճանի նախագահին կանխահաս անհանգստութիւնը Երեւանի ընտրութիւններուն` միջազգային դէտերու տուած դրական գնահատականին ուղղութեամբ:

Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները իբրեւ կազմակերպման եւ կայացման եղանակ նախաբանային իմաստ ունին յառաջիկայ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններուն համար: Խորհրդարանական ընտրութիւններու համար ժամկէտներու ճշդման նպատակով խորհրդակցութիւններու մեկնարկի յայտարարութիւնը կատարուած է արդէն: Քաղաքական երկխօսութեան հարթակը պարտադիր է: Հասկնալի է, որ ընտրութեան արդիւնքները կրնան ազդեցիկ հանգամանք ունենալ խորհրդարանի լուծարման կամ քաղաքական բանաձեւումով` նոր իրադրութեամբ գոյացած իրավիճակին մէջ նոր խորհրդարանի ձեւաւորման որոշումի համակողմանի ընդունման առումով:

Հանգուցալուծումները իրաւական հարթութեան մէջ պահելու համակողմանի մօտեցումը կը նպաստէ մեր երկրի միջազգային վարկի ու հեղինակութեան բարձրացման, որուն ենթահողը յայտնապէս գոյացած է` նկատի ունենալով միջազգային դրական արձագանգներն ու հակառակորդի բացայայտ անհանգստութիւնները:

 

«Ա.»

Էրտողանին Նախապայմանը Յստակ Է

$
0
0

Ա. Ա.

Հայաստան-Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին Ցիւրիխեան փաստաթուղթը չեղեալ հռչակուելէն ի վեր Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան այսքան անկեղծ եւ յստակ յայտարարութիւն չէր կատարած: Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ կայացած հանդիսութեան ընթացքին, որ նուիրուած էր Կովկասեան իսլամական բանակին կողմէ Պաքուի «ազատագրման» հարիւրամեակին, Էրտողան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը կենսական պայման մըն է, որպէսզի Անգարա դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատէ Երեւանի հետ: Ան նաեւ շեշտեց, որ Թուրքիա իր սահմանները բնաւ պիտի չբանայ իր հարեւանին հետ, այնքան ատեն որ հայկական ուժերը վերջ չեն տուած ազրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւման:

Ազրպէյճանի մայրաքաղաքէն արձակուած այս կէս սպառնական ոճով հաստատումը անշուշտ նորութիւն մը չէ: Անոր էութիւնը գոյութիւն ունէր առաջին իսկ օրէն, այն վայրկեանէն, երբ չարաբաստիկ պահու մը Ցիւրիխի մէջ ստորագրուեցաւ հայեւթուրք յարաբերութիւններու կարգաւորման տխրահռչակ համաձայնագիրը: Ապա տարբեր առիթներով, թէեւ` ոչ այսքան յստակութեամբ, ըլլայ Էրտողան, ըլլայ ուրիշներ նախապայման համարեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին ի նպաստ Ազրպէյճանի լուծումը, այսպէս ըսուած` ազրպէյճանական գրաւեալ տարածքներու ազատագրումը, ազրպէյճանցի «գաղթական»-ներու իրենց բնակարանները վերադարձը, որպէսզի պետական շրջափակման ենթակայ Հայաստանի հետ թրքական սահմանները բանային եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու սկսէին:

Էրտողան նաեւ Խոջալուի ողբերգական դէպքերը շահագործեց` ակնյայտօրէն ցեղասպանի մը իրաւայաջորդի ցայտուն հոգեբանական իրավիճակը առաւել ցոյց տալով, երբ խօսեցաւ այդ դէպքերուն մասին ու զանոնք որակեց ցեղասպանական ոճիր:

Խոջալուն կը գտնուի Շուշիէն եւ Ստեփանակերտէն դէպի Աղտամ (Ակնա, խմբ.) տանող ճամբուն վրայ եւ մինչ 1992-ի արցախեան գոյապայքարը` վերածուած էր ամբողջական պատերազմի մը, արցախցիները որոշեցին Խոջալուն ազատագրել, որովհետեւ իրենց գոյատեւման համար կենսական էր շրջանին մէջ միակ օդակայանը ընդգրկող այս աւանին վրայ հակակշիռ ունենալ: Այդ ժամանակ Արցախ Հայաստանի հետ ցամաքային կապերէ զուրկ էր եւ ենթակայ էր ամբողջական շրջափակման մը` Ազրպէյճանի կողմէ:

Խոջալուն նաեւ վերածուած էր Ստեփանակերտը ռմբակոծելու խարիսխի, եւ օրէ օր առաւել կը շեշտուէր այս փորձանքէն փրկուելու համար ազդու միջոցներու դիմելու հրամայականը: Խոջալուն ազատագրուեցաւ փետրուար 1992-ի եւ տեղւոյն ազրպէյճանցի բնակչութեան առիթ տրուեցաւ մարդասիրական անցքէ մը դուրս գալ աւանէն:

Խոջալուի ողբերգական դէպքերուն մասին բաւական տեղեկութիւններ գոյութիւն ունին, եւ որոնք կը խօսին պատերազմական իրավիճակի մը մէջ քաոսին մասին, ուր ինչպէս այդ օրերու Ազրպէյճանի նախագահ Այազ Մութալիպովը, 2 ապրիլ 1992-ին ռուսական «Նեզավիսիմայա Կազեթա» օրաթերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ յստակօրէն կը շեշտէ, որ ազրպէյճանական ուժեր կուրօրէն կրակ բացին եւ սպաննեցին այն ազրպէյճանցիները, որոնք կը ջանային խոյս տալ: Մութալիպովը կ՛ամբաստանէ իր ընդդիմադիրները, որոնք կազմակերպեցին Խոջալուի ջարդերը, որպէսզի զինք տապալեն:

Կայ այլ կարեւոր հանգամանք մը: Խոջալուի ազատագրումէն ետք հայկական ուժերը արտօնեցին, որ ազրպէյճանական կողմը սպանեալներուն դիակները հաւաքէ: Եւրոպացի ականաւոր մասնագէտներ դիտել կու տան, թէ ցեղասպանութիւն գործած կողմը ի՛նչ տրամաբանութեամբ թոյլ պիտի տար, որ իր զոհերուն դիակները հաւաքէին: Նման քայլ անշուշտ որ անվիճելի փաստերու եւ ապացոյցներու հաւաքագրումը պիտի ըլլար, եւ հայկական կողմին համար բնաւ ձեռնտու չէր ասիկա:

Հիմա, Պաքուէն Խոջալուի ողբերգական դէպքերուն անդրադառնալով, Էրտողան կը յայտարարէր, թէ ան, որ ցեղասպանութիւն գործած է, իրաւունք չունի Թուրքիոյ պատմութեան դասեր տալու: Եւ տրամաբանութիւնը յստակ է: Էրտողան, թէկուզ` խոցելի վիճակով մը, կարիքը ունի մնայուն կերպով յիշեցնելու, որ Թուրքիա ցեղասպանութիւն չէ գործած` ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանն ու հայկական Կիլիկիան իր բնիկ հայ բնակչութենէն պարպելով եւ զանոնք Սուրիոյ ու Միջագետքի անապատները քշելով:

Ազրպէյճանի մայրաքաղաքէն նման կեցուածք յայտարարելով` Էրտողան երկու կէտ առաւել կը յստակացնէ: Առաջինը, որ ցեղասպանութիւն ծրագրած ու գործադրած Երիտասարդ թուրքերու համաթուրանական ախորժակները ունի: Երկրորդ, Խոջալուի ողբերգական դէպքերու շահագործմամբ, կը ջանայ ներկայանալ իբրեւ ազրպէյճանցիներու «դատ»-ին պաշտպանը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` ցեղասպանի իրաւական յաջորդ ըլլալու իրողութիւնը պարտկելու հոգեբանական խոց մը:

 

 

Պաքուն Փորձում Է Քանդել Հակամարտութեան Կծիկը: Ինչպէ՞ս

$
0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ
Քաղաքական վերլուծաբան

Թելի կծիկը, ինչպէս գիտենք, երկու ծայր ունի, մէկը գնդի ներսում է, միւսը` երեսին: Բնականաբար կծիկը քանդելու համար քաշում են թելի ոչ թէ ներսի, այլ երեսի ծայրից: Հակառակ դէպքում` կծիկը կը խճողուի, եւ այն քանդելու միակ միջոցը կը մնայ թրի մէկ հարուածով առաջացած «գորդեան հանգոյցը» երկու կէս անելու Մակեդոնացու միակ նախադէպը:

Դատելով մեր տարածաշրջանում առկայ ռազմաքաղաքական լարուած իրավիճակից եւ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ իրադարձութիւնների զարգացման ընթացքից, կողմերից մէկը` Ազրպէյճանը, կարծես թէ փորձում է դիմել հէնց այս վերջին եղանակին: Բայց թէ ե՞րբ` երեւի թէ կարելի է փորձել կռահել: Բայց` ընդամէնը կռահել: Ո՛չ աւելին: Աւելի՛ն. կարծում եմ` առայժմ անիմաստ է: Թէկուզ մինչ այդ եւ այս օրերին էլ հակամարտութեան գօտում մթնոլորտը պարբերաբար շիկացւում է պատերազմն ընթացիկ աշնանը վերսկսուելու հաւանականութեան վերաբերեալ, այսպէս կոչուած, փորձագիտական եզրայանգումներով եւ կամ զինծառայող ունեցող ընտանիքների մայրերի  խոհանոցային խօսակցութիւններով: Թէկուզ հակամարտութեան գօտու յարաբերական անդորրի պայմաններում վերջին շրջանում առաւել քան յաճախակի են Պաքուից հնչում բարձրաստիճան պաշտօնեաների հռետորական ճայթիւնները` ի լրումն հակադիր զօրքերի շփման գծում ազրպէյճանական հրաձգութիւնների` դիպուկահար հրազէնից, թէ ականանետներից կամ ծանր հրետանուց, երեւի թէ էական չէ: Էական չէ, թերեւս, առաջին հերթին  միջազգային միջնորդ կազմակերպութեան` ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահութեան եւ փոփոխուող դիտորդական  խմբերի համար, ովքեր բաւարարուելով նախապէս պայմանաւորուած ժամկէտներում ու տեղանքներում իրականացրած դիտարկումների արդիւնքներով, այն է` այդ ժամերին միջադէպերի իրենց արձանագրած բացակայութեան փաստով, ձեռքները թափ են տալիս մինչ այդ եւ շփման գծից իրենց հեռանալուց յետոյ հրաձգութեան վերսկսման իրողութիւնների վրայ` պատճառաբանելով հետաքննութեան թեքնիք միջոցներով ապահովուած չլինելու հանգամանքը: Թէ ո՞ւմ մեղքով` դա նոյնպէս այնքան էլ էական չէ միջնորդների համար: Դուք` հակամարտ կողմերդ վերջնականապէս իրար հետ պայմանաւորուէք դրանց տեղադրման հարցի շուրջ, ասում են նրանք:

Մինչդեռ էականն այն է, որ ամէն անգամ էլ նախայարձակ արձակուած, թէ դրանց պատասխան հնչած կրակոցները եթէ ոչ ամէն օր, ապա յաճախակի նոր մարդկային կեանքեր են խլում` ցաւ ու վիշտ պատճառելով առաջին հերթին մահացու խոցուած զինծառայողների հարազատներին: Սակայն կարելի է ոչ թէ ենթադրել, այլ` հաստատապէս ասել, որ դիրքային փոխհրաձգութիւնների ընթացքում կրած մարդկային կորուստները էական չեն հէնց Ազրպէյճանի  իշխանութիւնների, առանձնապէս` այդ հանրապետութեան ռազմական գերատեսչութեան համար: Բանն այն է, որ ազրպէյճանական զինուժը հայկական կողմի դիրքերի ու բնակավայրերի դէմ սադրիչ նպատակներով սովորաբար կիրառում է այն հրետանային կայանքները, որոնք տեղադրուած են գիւղերի անմիջական մերձակայքում, ընդ որում` այդ բնակավայրերի արեւելեան, այսինքն` թիկունքային հատուածներում, որպէսզի պատասխան կրակի դէպքում առիթ ունենան աշխարհով մէկ աղաղակելու հայկական արկերի պայթիւնից  խաղաղ բնակչութեան շրջանում իր ունեցած զոհերի մասին: Նման դէպք, ինչպէս յիշում էք, տեղի է ունեցել անցեալ տարուայ յուլիսի 4-ին, երբ Արցախի պաշտպանութեան բանակի պատասխան գործողութեան ժամանակ, նախկին Ֆիզուլու շրջանի ներկայիս ազրպէյճանական հատուածի Ալխանլու բնակավայրում, անմիջականօրէն գիւղամիջում տեղակայուած կրակակէտի` Տ-44 տիպի հրետանու ուղղութեամբ արցախեան դիրքերից ի պատասխան արձակուած արկի պայթիւնից զոհուել էին 50-ամեայ մի կին եւ նրա 2 տարեկան թոռնուհին: Ի դէպ, փորձագէտները չեն բացառում, որ այդ սպանութիւնները հէնց ազրպէյճանական կողմի ձեռքի գործն են` հայկական կողմին մեղադրելու եւ համապատասխան քարոզչական վայնասուն բարձրացնելու համար` համաձայն Պաքւում նախօրօք գծուած բեմագրի: Եւ ահա լրահոսը տեղեկացնում է, որ  այս օրերին ազրպէյճանական զինուժը նոյն բեմագրութեամբ կրակի տակ է պահում  Հայաստանի Տաւուշի մարզի բնակավայրերը, մասնաւորապէս` Չինարի, Բաղանիս եւ Կոթի գիւղերը, իսկ Վայոց Ձորի մարզում` Արենի գիւղը, գնդակոծելով դրանք ազրպէյճանական գիւղերում տեղակայուած կրակակէտերից եւ կամ անմիջապէս տարածաշրջանում իշխող բարձրադիր դիրքերից: Անգամ այն հանգամանքը, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանը  նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) պատասխանատուութեան գօտի է, ամենեւին չի անհանգստացնում Պաքուին: Ասենք` ինչո՞ւ  պէտք է որ անհանգստացնի, եթէ նախորդ բոլոր համարժէք իրավիճակներում ՀԱՊԿ-ն երբեւէ ծպտուն չի հանել` գոնէ սաստելու համար չափն անցած ազրպէյճանական իշխանութիւններին, այսպիսով իսկ` իր անհաղորդ, լռելեայն վերաբերմունքով իրականում խրախուսելով նրանց յարձակողապաշտ պահուածքը: Արդիւնքում, ի հարկէ, ազրպէյճանական զինուժը հայոց բանակից ստանում է համարժէք պատասխաններ ու որոշակի ժամանակ` սկսւում: Յատկանշական է, որ սեպտեմբերի 9-ից 15-ն ընկած ժամանակահատուածում արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերի շփման գօտում ազրպէյճանական զօրքերը նոյն կամ գրեթէ նոյն եղանակով, այսինքն` ոչ միայն դիրքերից, այլեւ, վտանգի ենթարկելով սեփական բնակչութեան կեանքը,  առանձնապէս բնակավայրերի մերձակայքի կրակակէտերից հրադադարը խախտել են շուրջ 250 անգամ, որի ընթացքում տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներից հայ դիրքապահների ուղղութեամբ արձակել է աւելի քան 2500 կրակոց: Բնականաբար Հայաստանի զինուած ուժերը եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակն անյապաղ վերացնում են թշնամու այդ կրակակէտերը, այդ թւում` բնակավայրերում կամ դրանց հարեւանութեամբ գտնուող ռազմական յենակէտերը` անմիջապէս լռեցնելով հակառակորդին: Միայն վերջին օրերին հայկական կողմի  սաստիչ  հակադարձումների արդիւնքում առնուազն 3-4 ազրպէյճանական զինուորներ են մահացու խոցուել: Այդ մասին Պաքուն խորհրդաւոր սպասողականութեամբ լռում է: Դժուար չէ կռահել, որ նրան հերթական երեխայի դիակն է պէտք, որպէսզի դարձեալ քարոզչական շոուն սփռի աշխարհով մէկ: Եւ քանի որ, բարեբախտաբար, երեխայի նոր դիակ չկայ, ուստի առայժմ բաւարարւում է` յայտարարելով, թէ իբր սեպտեմբերի 15-ից ի վեր հայկական կողմը կրակի տակ է պահում Ազրպէյճանի Թովուզի, Թարթառի եւ Աղդամի (Ակնա) շրջանների խաղաղ բնակավայրերը: Այնպէս որ, հազիւ թէ Պաքուին դոյզն իսկ մտահոգում է սեփական մարդկային կորուստների հաւանականութիւնը իր իսկ բնակչութեան շրջանում, ինչպէս որ բոլորովին չի անհանգստացնում, որ խաղաղ բնակիչներին մարտական գործողութիւնների ներքաշելը միջազգային օրէնքների կոպիտ խախտում է: Նպատակն արդարացնում է միջոցները` ահա այս է ազրպէյճանական ղեկավարութեան ռազմաքաղաքական պահուածքի սկզբունքն ու կարգախօսը:

Վերջին շրջանում ազրպէյճանական ռազմատենչ հռետորաբանութեան, սպառնալիքների եւ իրագործած սադրանքների բարձրակէտ կարելի է համարել այդ հանրապետութիւնում սեպտեմբերի 17-ին մեկնարկած հնգօրեայ լայնածաւալ մարտավարական զօրավարժութիւնները` տարբեր տեսակի եւ կարգի զօրքերի, միաւորումների մասնակցութեամբ: Ըստ Պաքուի պաշտօնական տուեալների, զօրավարժութեան մէջ ներգրաւուած են` 20 հազարից աւելի զինծառայող, աւելի քան 200 միաւոր հրասայլ եւ այլ զրահամեքենաներ, 120-ից աւելի տարբեր տրամաչափի հրթիռահրետանային կայանքներ, համազարկային կրակի եւ նռնականետների համակարգեր, մինչեւ 10 միաւոր կործանիչներ ու ռմբակոծիչներ, մինչեւ 20 միաւոր տարբեր նշանակութեան բանակային օդուժ: Առաջին անգամը չէ, ի հարկէ, որ ազրպէյճանական զինուժը խոշոր զօրավարժութիւններ է անցկացնում: Սակայն այս անգամ ռազմական միջոցառման առանձնայատկութիւնն այն է, որ դրանում «պայմանական հակառակորդ» եզրի փոխարէն` անմիջականօրէն նշւում է Հայաստանը, իսկ զօրավարժութեան առասպելը Արցախի տարածքում Հայաստանի ստորաբաժանումների, չակերտների մէջ ասած, «ջախջախումն» ու տարածքների «ազատագրումն» է:

Փորձագէտների դիտարկմամբ, այդ զօրավարժութեամբ Ազրպէյճանը փորձում է պատասխանել Հայաստանում անցկացուած հրամանատարական «Շանթ-2018» զօրավարժութեանը, որը ներառում էր ամբողջ պետական կառավարման համակարգը: Ինչպէս յայտնի է, համապետական նշանակութեան «Շանթ-2018»-ը ծրագրային բնոյթ էր կրում եւ նպատակաուղղուած էր պաշտպանութեանը պետութեան անմիջական նախապատրաստութեան եւ յարձակման յետմղման ընթացքում պետական ու ռազմական կառավարման մարմինների զօրահաւաքային նախապատրաստութեան, պատրաստականութեան բարձր աստիճանների բերման ունակութեան վերստուգմանը, փոխգործակցութեան եւ գործողութիւնների ներդաշնակութեան մակարդակի բարձրացմանը: Հաշուի առնելով Հայաստանի շուրջ եւ մերձատարածքում ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրադրութիւնը, զօրավարժութեան բեմագրութեան մէջ առկայ մտացածին հակառակորդը եւ իրավիճակն առաւելապէս համապատասխանեցուած են հաւանական արտակարգ իրավիճակին` պատերազմական կացութեանը, այն աստիճան, որ, համաձայն խաղի կանոնների, Հայաստանի կառավարութիւնը նոյնիսկ պայմանականօրէն յատուկ նիստ է գումարել, իսկ Ազգային ժողովն ընդունել է դարձեալ պայմանական «որոշում»` Ազրպէյճանին պատերազմ յայտարարելու մասին:

Շանթ-2018-ին մասնակցում էր նաեւ Արցախի պաշտպանութեան բանակը: Միեւնոյն ժամանակ, համաձայն զօրահաւաքային պատրաստութեան ընթացիկ տարուայ ծրագրի, սեպտեմբերի 13-ից Արցախում մեկնարկել են ուսումնավարժական հաւաքներ` պաշտպանութեան բանակի զօրահաւաքային մարդուժի ներգրաւմամբ: Դրանց ընթացքում մասնակիցների հետ նախատեսւում են իրականացնել տեսական ու գործնական տարաբնոյթ պարապմունքներ, ներդաշնակման միջոցառումներ` նպատակ ունենալով պահեստազօրայիններին նախապատրաստել մարտական հերթապահութեան կրմանն ու հաւանական մարտական գործողութիւնների ժամանակ համապատասխան խնդիրների կատարմանը:

Հնարաւոր է, ի հարկէ, որ Պաքուն փորձում է համարժէք պատասխանել այդ ամէնին: Ինչպէս ենթադրում է քաղաքական մեկնաբան Յակոբ Բադալեանը` «Լայնածաւալ  այդ վարժանքը կարող է ունենալ այլ, գուցէ աւելի առարկայական եւ «գործնական անհրաժեշտութիւն» ենթադրող մոտիւներ: Օրինակ` սեպտեմբերի 25-ին Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Փութինի Ազրպէյճան սպասուելիք այցը»: Փորձագէտի տեսակէտով, ընդհանրապէս, Հայաստանում տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններն Ազրպէյճանում յոյսեր են արթնացրել, որ կարելի է օգտագործել Ռուսաստանի հնարաւոր դժգոհութիւնն այդ իրադարձութիւններից եւ վերականգնել յարաբերութիւնների նախաապրիլեան տրամաբանութիւնը, որի էութիւնը Ռուսաստանի երաշխիքներով Հայաստանի եւ Արցախի դէմ 2016-ի ապրիլեան յարձակումն էր: Բայց սեպտեմբերի 1-ին Սոչիում կայացած Փութին-Ալիեւ հանդիպումը ցոյց տուեց, որ ռուսները յամենայն դէպս այս փուլում մտադիր չեն Հայաստանի հետ յարաբերութիւններում օգտուել Ազրպէյճանի ծառայութիւնից եւ կրկին մտնել նոյն գետը, որը մտան ապրիլին եւ այնուհետեւ իրենց կանգնեցրեց փակուղու առջեւ: Այլ կերպ ասած, Ազրպէյճանը, փաստօրէն,  չստացաւ այն քաղաքական քարտ-պլանշը, որի մասին յայտարարում էր այդ երկրի պաշտպանութեան նախարարը` ռազմական ճանապարհով Արցախի խնդիրը լուծելու համար: Այսինքն, ոչ ոք այլեւս չցանկացաւ ստանձնել ռազմական յարձակման հովանաւորութիւնն ու երաշխիքները:

Ի դէպ, յիշեցման կարգով նշեմ, որ  նախորդ լայնածաւալ զօրավարժութիւնը, որի ժամանակ յայտարարուեց Հայաստանի դէմ յարձակման «քաղաքական պայմանների մասին», կիսատ մնաց Ազրպէյճանում թեքնիք պատճառով ծագած աղէտը: Ինչպէս յիշում էք` խոշոր վթար էր տեղի ունեցել Մինկեչաուրի ջրելեկտրակայանում, ինչի պատճառով Ազրպէյճանի գրեթէ ամբողջ տարածքը, այդ թւում, առանձնապէս, Պաքուն, զրկուել էր ելեկտրական հոսանքից: Բայց, թերեւս առաջնորդուելով «փորձը փորձանք չի բերում» արկածախնդիր սկզբունքով, Պաքուն փորձում է հերթական անգամ մկանների ցուցադրանքով զբաղուել, ինչպէս ի տես Հայաստանի, նոյնպէս եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահ երկրների, այդ թւում, առաջին հերթին` Ռուսաստանի: Մոսկուան, ինչպէս յայտնի է, կուլ չտուեց ՀԱՊԿ անդամակցութեան կամ դիտորդի կարգավիճակի ազրպէյճանական խայծը: Այն փաստօրէն չաշխատեց, եւ ահա այժմ գործի է դրւում շանթաժի տարբերակը, այս անգամ`  Իսրայէլի օգնութեամբ:

Դա ակնյայտ էր առանձնապէս վերջերս, երբ աշխատանքային քննարկումների համար չափազանց  տեւական ժամանակ` 5 օր շարունակ Պաքւում էր գտնւում Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպերմանը: Այդ օրերին Պաքուն սկսեց մէկ ուրիշ երգ երգել` ասելով, որ այլեւս զէնք չի գնի Ռուսաստանից, քանզի, պատկերացնո՞ւմ էք,  իսրայէլականն  աւելի լաւն է եւ նախընտրում է իսրայէլական զէնքը: Թէկուզ սեպտեմբերի սկզբին` Սոչիում, Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպմանն Ազրպէյճանի նախագահը հպարտութեամբ էր զրուցակցին յիշեցնում, որ անցած 10 տարում աւելի քան 5 միլիառ տոլարի սպառազինութիւն է գնել Մոսկուայից: Թէկուզ Ազրպէյճանի զինապաշարի աւելի քան 80 տոկոսը մատակարարուել է հէնց Ռուսաստանից,  որովհետեւ դրա հետ մէկտեղ Պաքուն ձեռք էր բերում նաեւ այդ սպառազինութեան կիրառման քաղաքական իրաւունքը: Եթէ իրաւունքը չկայ, ապա ռուսական զէնքը Պաքուին, բնականաբար,  պէտք չէ: Իսկ Ռուսաստանն այդ իրաւունքը չի տալիս, քանի որ բախուել է դրա լրջագոյն հետեւանքին` ապրիլեան քառօրեայի ընթացքում, գիտակցելով, որ եւս մէկ նման դրսեւորումը կարող է յանգեցնել իր համար Հարաւային Կովկասի վերջնական կորստեան, տարածաշրջան, որտեղ Հայաստանը մնացել է նրա  վերջին յոյսը:

Առածն ասում է` մի բոպիկանայ մինչեւ գետը հասնելը: Բայց ժողովրդական այդ իմաստնութիւնը երեւի թէ այնքան էլ հասու չէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններին եւ դրանց  հովանու ներքոյ գործող լրատուամիջոցներին ու տնաբոյս փորձագէտներին: Եւ ահա այն օրերին, երբ նոր-նոր մեկնարկել էին ազրպէյճանական զինուժի հերթական զօրավարժութիւնները,  Պաքուի  լրատուամիջոցներն արդէն հակահայ ծնծղաներ էին հնչեցնում: «Ազրպէյճանական բանակը Ղարաբաղում յարձակման է պատրաստւում», «Լայնածաւալ պատերազմը Հայաստանին լիակատար անհետացում է սպառնում», այսպիսին են ազրպէյճանական մամուլի հրապարակումների ճչացող վերնագրերը: «Զօրավարժութիւնների ընթացքում,- մասնաւորապէս, գրում է հաքքին.ազ ելեկտրոնային լրատուական կայքը,- մշակուելու են թշնամական պաշտպանութեան ճեղքում հրասայլերի միջոցով, հայկական ռազմական խմբաւորումների եւ ուժերի ջախջախում առաջնագծում` Լեռնային Ղարաբաղի տարածքում, ազրպէյճանական հողերի ազատագրում եւ թշնամու ռազմական ու ռազմավարական թիրախների ոչնչացում` հրթիռահրետանային եւ օդուժային հարուածներով»: «Բանակը, եւ դա ակնյայտ է ըստ ամենայնի, պատրաստւում է Հայաստանի զաւթած ազրպէյճանական հողերն ազատագրելու վճռական գործողութեան», իր հերթին գրում է մէկ այլ իշխանամէտ լրատուակայք` մինուալ. ազը:  Հրապարակման հեղինակի տեսակէտով, «Եթէ առաջ նոյն այդ Մինսքի խմբի միջնորդները համոզուած յայտարարում էին, թէ չկայ ղարաբաղեան հակամարտութեան ռազմական լուծում եւ դանդաղաշարժ բանակցութիւնների միակ այլընտրանքը  երկարատեւ արիւնահեղ պատերազմն է, ապա  այսօր  առաւել քան իրական է Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման ռազմական բեմագրութիւնը: Ազրպէյճանցի վայ-փորձագէտի հիւանդ երեւակայութեամբ, «Այսօր մարտական գործողութիւնների նոր բռնկումը Հայաստանի համար կարող է եւ չսահմանափակուել 1992-1993 թուականներին զաւթուած տարածքների կորստեամբ, եւ նա կարող է բախուել աշխարհի քարտէզից առհասարակ չքանալու հեռանկարի հետ, մանաւանդ` հաշուի առնելով իր տնտեսական եւ ժողովրդագրական «միտումները»»:

Չշարունակեմ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներից քաղուածքները: Քանզի, որքան էլ խայտաբղէտ են հրապարակումների վերնագրերը, դրանք բոլորն էլ իրենց առանցքում պտտւում են միեւնոյն հալուայի շուրջ, որի անունը յաճախակի կրկնելուց երբեք բերան չի քաղցրանում: Բայց, ինչպէս տեսնում ենք, Պաքւում կարծես թէ գտել են բերան քաղցրացնելու ձեւը: Այո՛, ճիշդ կռահեցիք. երեւակայութեան միջոցով: Ես կ՛աւելացնէի ու կը շեշտէի` զառանցագին երեւակայութեան:

Յատուկ «Ազդակ»-ի համար
Արցախ

Խմբագրական «Ազատ Արցախ»-ի. –Հերթական Հանդիպում. Դարձեալ Հերթապա՞հ

$
0
0

Մամուլում արդէն ազդարարուել է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործերի նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի առաջիկայ հանդիպման մասին, որը պէտք է տեղի ունենայ յաջորդ շաբաթ Նիւ Եորքում բացուող ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 73-րդ նստաշրջանի շրջանակներում:

Շատերն են հարցնում` արժէ՞ այդ հանդիպումից ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ լուծումներ ակնկալել, առաւել եւս` ճեղքումային: Պատասխանն առաւել քան ակնյայտ է` ո՛չ:

Յայտնի ճշմարտութիւն է` ամէն ինչ իմացւում է համեմատութեան մէջ: Այդ նպատակով մի տարով յետ դառնանք: 2017թ. մօտաւորապէս այս օրերին դարձեալ Նիւ Եորքում ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 72-րդ նստաշրջանի շրջանակներում Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործերի նախարարների հանդիպմանը ձեռք էր բերուել պայմանաւորուածութիւն` բանակցութիւնները երկու երկրների նախագահների մակարդակով շարունակելու մասին: Պայմանաւորուածութիւնն իրացուել էր երկու պետութիւնների ղեկավարների` Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի գագաթնաժողովի տեսքով, որն անցաւ մէկ ամսից քիչ աւելի անց` հոկտեմբերի 16-ին, Ժընեւում` 2016թ. ապրիլեան պատերազմի յարուցած երկար ընդմիջումից յետոյ: Հանդիպման կարեւորութեան մասին էր խօսում եւ այն փաստը, որ այն ողջունել է նաեւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերիշը, ով երկու ղեկավարներին կոչ էր արել հասնել հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործերի նախարարների եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահների` այն ժամանակ ընդունուած համատեղ յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ասւում էր, որ նախագահները համաձայնել են միջոցներ ձեռնարկել բանակցային գործընթացի աշխուժացման համար եւ յաւելեալ քայլեր` շփման գծում լարուածութեան նուազեցման ուղղութեամբ: 2018թ. յունուարին Ժընեւին հետեւեց արտաքին գործերի նախարարների հանդիպումը Քրաքովում: Շատերի մօտ այն ժամանակ յոյս յայտնուեց, որ հակամարտութեան գօտում շուտով կայունութիւն կը հաստատուի, բայց, աւա՜ղ, հետագայ զարգացումները ցոյց տուեցին, որ յոյսն այդ խաբուսիկ էր:

Արդեօ՞ք այդ ժամանակից ի վեր փոխուել է իրավիճակը: Փոխուել է, բայց, անկեղծ լինենք` դէպի վատը: Այն որեւէ հիմք չի տալիս գոնէ թոյլ լաւատեսութեան համար, եւ` ոչ միայն այն պատճառով, որ կողմերի դիրքորոշումները նախկինի պէս տրամագծօրէն հակառակ են: Նախ` ալիեւեան վարչակարգն է՛լ աւելի է խստացրել ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը եւ աւելացնում է սպառազինութիւնը` առաւել յաճախակի սպառնալով նոր պատերազմով, չափազանց ճչացող պահուածք է դրսեւորում եւ շարունակում զինուած սադրանքները, ընդ որում` ոչ միայն ԼՂՀ եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերի շփման գծում, այլեւ` Հայաստանի պետական սահմանի մի շարք հատուածներում: Վերջերս գնդակոծութեան ենթարկուեցին Տաւուշի մարզի բնակավայրերը, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանակային 3-րդ զօրամիաւորումը: Երկրորդ, Հայաստանում քաղաքական որոշակի անկայունութեան կապակցութեամբ, յարուցուած` նոր ղեկավարութեան իշխանութեան գալով, Պաքուին թուաց, որ ստեղծուած պայմաններում ռազմական շանթաժի շնորհիւ կարելի է ուժեղացնել ճնշումը Երեւանի վրայ եւ հայկական կողմից էական զիջումների հասնել: Ու եթէ նախորդ տարում Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործերի նախարարների ղեկավարներին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի շրջանակներում յաջողուեց պայմանաւորուածութեան գալ նախագահների հանդիպման շուրջ, ապա այսօր նման հանդիպման հեռանկար անգամ չի նշմարւում: Պաքուի ղեկավարութեան հռետորաբանութիւնը, յատկապէս` նախագահի մակարդակով, չափազանց անզուսպ է դարձել. Ալիեւն իջել է այն մակարդակին, որ փողոցային վիրաւորանքներ է թոյլ տալիս հայկական վարչապետի անձնաւորութեան հասցէին: Ակնյայտ է, որ նման ռազմաշունչ-աղմկային խորապատկերին Մնացականեան-Մամետեարով առաջիկայ հանդիպումից կառուցողականութիւն, առաւել եւս` արդիւնաւէտութիւն, սպասել չարժէ:

Կարծում ենք` նախարարական հանդիպման նման ելքը գիտակցում են նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահները: Նրանք հազիւ թէ յոյս պահեն, որ կը յաջողուի վերակենդանացնել լիարժէք բանակցային գործընթացը, որը 2016թ. ապրիլին Ազրպէյճանի սանձազերծած քառօրեայ պատերազմի արդիւնքում գործնականում մեռեալ կէտում է: Այն հարցում, որ բանակցութիւնները խորը լճացման վիճակում են, «առաջնութեան դափնին», անկասկած, պատկանում է Ազրպէյճանին: Այո՛, հիմնախնդրի լուծման բանալին, ինչպէս յաճախ պնդում են ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահները, հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերի մօտ է, բայց չենք յոգնի կրկնելուց, որ լիարժէք ձեւաչափով բանակցային գործընթացի վերսկսման անհնարինութեան համար որոշակի պատասխանատուութիւն են կրում նաեւ միջազգային միջնորդները, այն պատճառով, որ նրանք այնքան էլ գործունեայ, հաստատակամ ու հետեւողական չեն «Ապրիլի» տաք հետքերով Վիեննայում եւ Ս. Փեթերսպուրկում կայացած գագաթնաժողովներին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների լիարժէք իրագործման հարցում: Յիշեցնենք, որ նշուած պայմանաւորուածութիւնները վերաբերում էին շփման գծում հնարաւոր զինուած միջադէպերի հետաքննութեան մեքանիզմի ներդրմանն ու ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի դիտորդական առաքելութեան ընդլայնմանը:

Մեզ չի լքում այն զգացումը, որ միջնորդներն այդ մասին պարզապէս մոռացել են, ինչը, հասկանալի է, միանգամայն բխում է Ազրպէյճանի շահերից: Ստեղծուած իրավիճակում զարմանալի ոչինչ չկայ, որ Պաքուն շարունակում է զինուած սադրանքները` լարուածութեան բարձր աստիճանը պահպանելու նպատակով` դա օգտագործելով որպէս Երեւանի եւ Ստեփանակերտի վրայ ճնշման գործիք: Դժբախտաբար սեպտեմբերի 19-ին ազրպէյճանական կողմի գնդակոծութեան պատճառով Հայաստանի Հանրապետութեան զինծառայող զոհուեց: Միջադէպի կապակցութեամբ Հայաստանի արտաքին գործերի նախարարն վճռականօրէն դատապարտել է Ազրպէյճանի գործողութիւնները եւ միջազգային հանրութեան ու, ամէնից առաջ, ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահների ուշադրութիւնը հրաւիրել Պաքուին սանձելու անհրաժեշտութեան վրայ` իրավիճակի հետագայ սրացումը կանխելու նպատակով: Եթէ անգամ ընդունենք, որ համանախագահներն գործնական կերպով կ՛արձագանգեն Երեւանի կոչին, մեծ է հաւանականութիւնը, որ նրանց պատասխանն աւանդաբար հաւասարութիւն պահպանող բնոյթ կը կրի: Ինչպէս ցոյց է տուել բազմամեայ փորձը, միջնորդների նմանօրինակ յայտարարութիւններն ի զօրու չեն ինչ-որ կերպ ազդելու Պաքուի դիրքորոշման վրայ, նշանակում է եւ` ապահովելու կայունութիւն հակամարտութեան գօտում, ստեղծելու խաղաղ գործընթացի առաջմղմանը, այլ ոչ թէ` նրա նմանակմանը նպաստող մթնոլորտ:


Գրողի Անկիւն. Լեղի Իրականութիւնը

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շատ տարիներ առաջ, Միջին Արեւելքէն նոր տեղափոխուելով ու այս երկիրը հաստատուելով, երեք եղբայրներով հազիւ տուն տեղ եղած էինք, երբ յանկարծ, ակամայ, պայմաններու բերումով, իրարմէ կը բաժնուէինք: Ամէն մէկս Միացեալ Նահանգներու տարբեր նահանգներու մէջ կը սկսէինք շարունակել մեր կեանքը: Յուզումնախառն բաժանումի այդ օրերուն երեքով որոշած էինք գոնէ տարին անգամ մը եւ յատկապէս երկար շաբաթավերջի մը զուգադիպող արձակուրդին իրարու քով գալ, քանի մը օրերու համրանքով իրարու հետ ըլլալ ու այդ ձեւով իրարու կարօտ առնել: Լաւ որոշում էր, որ առողջ սովորութեան մը վերածուելով` դարձաւ աւանդական: Շինիչ ալ էր ու` կարօտով լեցուն:

Ու այս անգիր համաձայնութենէն շատ չանցած, ամէն տարի, այդ ճշդուած արձակուրդին մեր կիներով ու ձագերով մեծ քաղաքի մը պանդոկի մը մէջ կը մէկտեղուէինք ու կարօտի մեր զգացումներուն քիչ մը յուշ, քիչ մըն ալ ապրում խառնելով` կ՛անցընէինք մեր ժամերը: Նախ,  միեւնոյն պանդոկին սենեակներուն մէջ տեղաւորուելէ ետք, երեկոյեան ճաշարանը իրարու կը հանդիպէինք: Առաջին կէս ժամը զիրար համբուրելով ու գրկուելով կ՛անցընէինք: Աչքերնիս ակամայ կը խոնաւնար ու կամաց կամաց, երբ մենք մեզ զսպած կ՛ըլլայինք, կը սկսէինք մեր իրերայաջորդող անհատնում հարցումներուն:

Կեանք ու կարօտ բնորոշող խօսակցութիւն, ու մանաւանդ` բոլորիս հաշուոյն երանելի պահեր: Մէկուն տղան դպրոցին մէջ առաջնութիւն շահած էր, իսկ միւսինը` նոր ակռայ հանած եւ կամ «հաքի» խաղցած ժամանակ` վիրաւորուած: Իսկ մեր զաւակները մեզմէ իւրաքանչիւրէն նուէրներ ստացած` իրենց նոր խաղալիքներու աղմուկով կը լեցնէին ճաշարանը: Կարծես Նոր տարի ըլլար: Բայց ընդունինք կամ ոչ, այդպէս էր: Նոր տարին յիշեցնող բան մը: Հաճելի ժամերով խառն, յուզիչ, անցեալի տխրութիւնն ու ուրախութիւնը շալկած` ժամե՜ր ու ժամեր: Մեր միջեւ, այդ վայրկեանին, անկասկած որ կարօտէն անդին ուրիշ բան մըն ալ կար: Անյայտ  ներկայութեամբ բաներ մը: Մեր յուշերը: Այդ մեր անջնջելի ու անմոռանալի անցեալի կեանքի պատկերները, որոնք իրարու ետեւէ մեր մտքերուն մէջ առատօրէն կը ծնէին ակամայ, ու սեղանը շրջապատող մթնոլորտը,  կարօտէն անդին, տարբեր գոյնով ու ձեւով կը պատէին:

Եկեղեցին շապիկ հագնիլնիս, կամ մեզմէ մէկուն` հօրս բարեկամ դերձակի մը խանութը ամառնային աշխատանք կատարած ըլլալը, կամ մօրս եւ կամ նոյնիսկ մեծ մօրս մեր խօսած մեծ սուտը կամ սուտերը եւ առաւել` յատկապէս մեր անպատիժ մնալը եւ տակաւին` շատ ուրիշ «բաներ»: Այս բոլորը կը դառնային մեր անհատնում խօսակցութեան հիւսքը` առանց անդրադառնալու, որ յաջորդ տարի անգիտակցաբար նոյն յուշերը պիտի գային դարձեալ կրկնուելու մեր մտքերուն մէջ ու դարձեալ մեր մթնոլորտը ջերմացնելու` իրենց նոյն շարքով եւ ուժգնութեամբ:

Ու այդ յուշերն էին, որոնք մեր ձայներուն տարբեր խանդ ու մեր դէմքերուն տարբեր երանգ կու տային ու մեզ անօրինակ երջանկութեան մը գիրկը կը նետէին: Տարուէ տարի մեզի հետ մեծցող մեր զաւակներն ալ սկսած էին մօտէն հետեւիլ մեր խօսակցութեան: Կեանքը զիրենք ալ հասունցուցած էր` միաժամանակ մեր ներքին հպարտանքին տալով տարբեր կշիռ եւ չափ:

Հապա ետքը, տարիներ վերջ, հապա հիմա՛, երբ այլեւս իրենց խաղալիքները «կըրլ» կամ «պոյ ֆըրենտ»-ներով փոխարինուած էին, իրենց հետաքրքրութիւնն ալ ինքնաբերաբար շեղած ըլլալով` մեզ նետած էր նոր երանութեան մը գիրկը:

Մեր զաւակները մեծցած էին: Կը զգայինք այս մէկը ու այդ գիտակցութեամբ կ՛ապրէինք: Այսպէս կը դատէին մեր մտքերը: Այսպէս կը չափէին մեր տրամաբանութիւնները: Այսպէս էր նաեւ մարդոց կեանքին խաղը: Մարդիկ միշտ փոքր պիտի չմնային: Երանի թէ փոքր մնային, գոնէ իրենց հոգերն ու ցաւերն ալ փոքր կը մնային: Քանի մեր փոքրերը կը մեծնային ու հասակ կը նետէին, իրենց հետ կը մեծնային ու կը բազմանային նաեւ մեր մտահոգութիւնները:

Ու տակաւին, տարիներու ընթացքին մեր եւ իրենց միջեւ հաղորդակցական լեզուն ինքնաբերաբար փոխուած էր: Հայերէնը, շատ յաճախ նահանջելով, իր տեղը տուած էր անգլերէնին: Այսպէս է Ամերիկայի կեանքը: Չէինք գիտեր: Երբ նոր հաստատուած էինք այս երկիրը, երբ  նման երեւոյթի հանդիպէինք, կ՛այպանէինք տեղացի հայերը: Իսկ հիմա, երբ մենք ալ «նոյն բաժակէն եւ նոյն ջուրը խմելու» ակամայ առիթն ու պատեհութիւնը կ՛ունենայինք, այս անգամ լռելեայն մենք զմեզ կ՛այպանէինք:

Բայց եւ այնպէս այս բոլորին դիմաց, կամաց-կամաց, երբ մեր աչքերը կը կեդրոնանային մեր զաւակներուն վրայ, որոնք պանդոկի հսկայ աւազանը իրենց աղմուկով կը լեցնէին, մեր մտածումները ինքնածին թռիչքով վերլուծումներու մէջ կ՛իյնային: Անբացատրելի ու նոր մտմտուքի մը դրան մօտեցած էինք ընտանիքներով, նոյնիսկ` ամբողջ մեր էութեամբ: Բայց տակաւին յամառօրէն կը բաղդատէինք, թէ ինչպէ՛ս ժամանակին մեր փոքր կամ երիտասարդ տարիքին, երեք եղբայրներով, հօր, մօր եւ մեծ մօր հետ միասին, եօթը դրացիներով խճողուած բակի մը, մէկ սենեակի մը մէջ մեծցած ու հասակ առած էինք:

Մեր զաւակներուն համար այս մէկը հեքիաթի նմանող բան մըն էր: Նոյնիսկ` առասպելական: Կարելի չէր մեր անցեալը իրենց ներկայի աչքերով դիտել ու չափել եւ կամ` հակառակը: Մեր դարը ուրիշ էր: Հիմա պահանջները ուրիշ էին, մտածելակերպը` տարբեր:

Ակումբ ունէինք: Գայլիկ կամ սկաուտ էինք: Եկեղեցին շապիկ կը հագնէինք: Յաճախ փողոցը, նոյնիսկ մեր ծնողքին ընկերակցութեամբ, երբ մեր ուսուցիչին հանդիպէինք, շուարումի կը մատնուէինք: Դրացի ունէինք: Գիտէինք լաւ դրացնութեան բոլոր գաղտնիքները: Ազգականի մը չափ կը սիրէինք ու կը յարգէինք ու մեր կեանքի բոլոր հոգերը կը կիսէինք այս դրացի ըսուած անծանօթ ծանօթներուն հետ, հայ կամ արաբ: Հարազատութիւն կար: Կային նաեւ անկեղծութիւն, անմեղութիւն, կեանքի պարզութիւն եւ ուրիշ շատ բաներ: Տարին հազիւ մէկ երկու անգամ կը հայհոյէինք եւ անոր երեսէն շատ ծանր կը պատժուէինք: Ու կը պատժուէինք ոչ միայն տնեցիներէն, այլեւ` նոյնիսկ դպրոցէն, մեր կնքահայրէն, մեր մօրեղբայրէն, մեր դրացիէն ու ազգականէն:

Իսկ հիմա: Ա՜խ, հիմա դարը ուրիշ էր: Ու միշտ ողորմած մայրս ըսած էր մեզի, որ դարը չէր, որ փոխուած էր, այլ ինքը` մարդը: Դարը նոյնն է եղած միշտ: Մարդն է, որ իր կենցաղն ու մտածելակերպը փոխած է ու դարձած` տարբեր մէկը: Մակերեսային` իր բոլոր շարժումներուն ու յարաբերութիւններուն մէջ: Դարը ի՞նչ յանցանք ունի: Դարը ի՞նչ գիտէ: Մարդն է դարուն տէրը: Մարդն է դարուն գոյն եւ ձեւ ու պատմութիւն տուողը: Ճիշդ էր:

Ու յաճախ կը մտածեմ, որ խեղճ հայրս, նոյնիսկ իր այնքան հոգերուն մէջ, երբեք օր մը իսկ իր մտքէն չէր անցուցած, նոյնիսկ չէր կասկածած մեր ինքնութեան, մեր հայու կերպարին վրայ: Իրեն համար մենք երեքով իսկական հայեր էինք ու այդպէս ալ հայ պիտի մնայինք ու մեծնայինք, եւ մեզի հետ պիտի շարունակուէին մեր սովորութիւններն ու աւանդութիւնները:

Երջանիկ էր հայրս: Անկեղծօրէն, ինծի համար ծնողքս այն երջանիկներէն էին, որոնց զաւակները իրենց նման մեծցան ու… Հապա՞ հիմա:

Բայց… հակառակ այս բոլորին, շատ յաճախ մեր հարազատ զաւակներուն հետ իսկ ստիպուած կ՛ըլլանք անգլերէնով խօսիլ: Ուրեմն… ալ ո՜ւր մնաց մեր հայութիւնը` կը մտածէինք երբեմն: Հապա՞ հարսերը…, հապա՞ մեր գալիք… թոռները… Է՜հ…

Ու կը հաւատայի, որ տոմինոյի քարերու նման իրարու ետեւէ շարուած էին այս մտածումները, եւ այն վայրկեանին, երբ քար մը իյնար. իրարու ետեւէ փուլ պիտի գային մեր բոլոր շարած միւս քարերը, մեր յոյսերը, հայու մեր հպարտանքը:

Տխուր իրականութիւն մըն էր խորքին մէջ այս պատկերը, որ երբեմն մտքիս ծայրէն կը սահէր ու զիս նոր մտմտուքի մը մէջ կը նետէր:

Եւ սակայն այս տարի, մեր աւանդական հանդիպման, երբ մեր զաւակները իրենց կիներով եւ ամուսիններով ու զաւակներով, զանազան պատճառներով ու պատրուակներով շուտով մը մեզմէ բաժնուած էին, երեք եղբայրներով լուռ կսկիծով մը երկար ատեն զիրար դիտած էինք անխօս ու լուռ:

Իմ կարգիս չէի կրնար անտարբեր մնալ այս նոր երեւոյթին, հետզհետէ մէջս ամբարուող ու կուտակուող այս տխուր իրականութեան դիմաց: Ի՞նչ պիտի ըլլար մեր տունը, տոհմական կամ ոչ` մեր երեքին զաւակները, անոնց հայութիւնը, անոնց խօսակցական լեզուն, անոնց մտածումը: Անոնց հայ մնալն ու հայութիւնը:

Այս մասին, աւելի մտահոգ, օր մը հարց տուի եղբայրներուս, որոնք ապշահար ու անխօս այդ վայրկեանին երկարօրէն միայն զիս դիտեցին: Յանկարծակի ապտակի մը ազդեցութիւն ունէր հարցումս: Ո՛չ ոք ունէր պատասխան մը: Ո՛չ ոք կրցաւ պատասխանել: Պատասխանը իրենց մօտ չէր: Միայն այն գիտեմ, որ վայրկեանին միայն երեքով ներքնապէս կը գիտակցէինք, որ իսկապէս մեր ծնողները այս հարցին մէջ մեծ երջանիկներէն էին: Անոնք հաստատ գիտէին, որ իրենց ցանած սերմը հայկական արմատներ ունէր…

***

Անոր համար, երբեմն, նոյնիսկ եղեռն ու սպանդ տեսած ծնողքիս գաղտնօրէն ու լուռ սկսած էի նախանձիլ:

 

 

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ, Դէպի Ապագայ –Դ. –Լուսանցքայնացուած Աւանդներ, Իրագործումներ

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստանի վերանկախացումէն առաջ ալ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան ու անոր ներկայացուցիչներուն կողմէ իրագործուած են այնպիսի քայլեր, որոնք անդրանիկ հանրապետութեան օրերուն բիւրեղացած արժէքներուն մարմնաւորման ենթահողը կը կազմէին եւ, սակայն, միջազգային քաղաքական մրցակցութիւններու եւ խաղերու պատճառով, լուսանցքայնացուած են, մինչեւ իսկ մենք` այդ արժէքներուն տէրերս, որոշ կասկածով կամ անվստահութեամբ մօտեցած ենք անոնց կամ կը դիտենք զանոնք` ընդհանրապէս տարուելով նոյնինքն այլոց հաշիւներէն բխող քարոզչութիւններէ եւ «խրատներու» ներշնչումէն:

Ազատ, անկախ եւ ՄԻԱՑԵԱԼ Հայաստանի տեսլականին հետապնդման ամէնէն շօշափելի հիմնաքարերէն մէկն է Սեւրի դաշնագիրը, որ ոչ միայն վկայութիւնն է մեզմէ խլուած պատմական հողերուն հայութեան պատկանելիութեան, այլ ամուր ենթահող է, պէ՛տք է ծառայէ մեր իրաւունքներուն հետապնդման քայլերուն: Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան վերջին ամիսներուն ստորագրուած այդ դաշնագիրը ահագին մելան հոսեցուցած է անոր վաւերացուած-անվաւեր ըլլալուն քաղաքական-դիւանագիտական մեկնաբանութիւններուն պատճառով, մեզի թելադրուած է չկառչիլ անոր, մինչդեռ անիկա սեւով ճերմակի վրայ կը վաւերագրէ Հայաստանի ու հայութեան անվիճելի իրաւունքները, օրին ընդունուած ու ստորագրուած` նա՛եւ Թուրքիոյ կողմէ, վայելած է համամտութիւնը Ա. Աշխարհամարտի հաշուեփակը կատարողներուն: Հետեւաբար պէտք է վերատեսութեան ենթարկել այն վարկածը, եւ` անցեալ տասնամեակներուն յանկերգի վերածուած այն տեսութիւնը, ըստ որուն, Լոզանի դաշնագիրը եկաւ թաղելու Սեւրն ու մեր Դատը: Սեւրը կը թաղուի այն օրը, երբ մենք դադրինք անոր վաւերականութիւնը ճանչնալէ եւ հրաժարինք զայն հետապնդելէ:

Սեւրի 1920-ի դաշնագիրը եթէ ամէնէն ամուր յենարանն է 1918-ի Հայաստանէն ժառանգ մնացած քաղաքական տեսլականին, անոր հետեւող տարիներուն, մեր ու մեզի հետ գործ ունեցողներուն պատմութիւնը արձանագրած է ոչ նուազ շօշափելի իրագործումներ, որոնք, ինչպէս նշեցինք, աւելի՛ լուսանցքայնացուած են Սեւրին համեմատելով: Ճիշդ է, որ Հայաստանի խորհրդայնացումին պատճառով, հայկական անկախ պետականութեան ներկայացուցիչները պաշտօնական ենթահողէ զրկուեցան, սակայն թէ՛ Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը` Աւետիս Ահարոնեանի գլխաւորութեամբ, եւ թէ՛ Ազգային պատուիրակութիւնը` Պօղոս Նուպար փաշայի գլխաւորութեամբ, տարիներ շարունակ քաղաքական-դիւանագիտական աշխատանք տարին` մերթ առանձնաբար, յաճախ գործակցաբար եւ ճիգերու համադրումով: Անոնց հետ բանակցողները ծանօթ էին անոնց ներկայացուցչական հանգամանքին, զանոնք խօսակից ճանչցած էին իբրեւ արդար իրաւունքներ ունեցող ժողովուրդի մը ու (հոգ չէ թէ` բռնի կերպով տապալած) պետութեան մը ներկայացուցիչները… Այսօր իմաստ չունի մտնել երկու պատուիրակութեանց լիարժէք գործակցութիւնը խոչընդոտող հայկական ու արտաքին ազդակներու ոլորապտոյտին մէջ, որովհետեւ նման փորձէ դրական արդիւնք չի բխիր, այլ քննարկողը կը դնէ ուշացած դատաւորի կօշիկին մէջ: Ինչ որ ուսանելի եւ օգտագործելի է, այն է, որ այդ տարիներուն, գոյացած են ստուար թղթածրարներ, որոնք ապացոյց են հոսանքն ի վեր թիավարելու հայութեան ներկայացուցիչներու կամքին:

Ակնարկուած թղթածրարները կազմուած են անհատ պետութեանց, Ա. Աշխարհամարտի օրերուն մեզի դաշնակից երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ բանակցութեանց ու գործակցութեանց ճամբով. մինչեւ իսկ խորհրդային կայսրութեան ներկայացուցիչները մասնակից եղած են այդ աշխատանքներուն` անկախ անկէ, թէ ի՛նչ դերակատարութիւն ունեցած են, եւ` ինչպիսի՛ հաշիւներով: Այդ աշխատանքները ընդգրկած են նաեւ ՄԱԿ-ը կանխած Ազգերու լիկան, այդ ծիրին մէջ հայութեան ներկայացուցիչները վայելած են գործակցութիւնը տարբեր ազգութիւններէ միջազգային ճանաչում ունեցող ազդեցիկ դէմքերու: Այդ բանակցութիւններուն ու «սակարկութիւններուն» անյաջող ելքը պատճառ չէ ըսելու, որ այդ աշխատանքը մեզ բոլորովին կը զրկէ իրաւունքի փաստէն` պարզ այն նկատառումով, որ մեր ներկայացուցիչները բանակցող կողմեր գտած են, դուռերը միանգամընդմիշտ չեն փակուած անոնց առջեւ:

Խօսինք քանի մը օրինակով, յուշագրական այնպիսի հատորներու հիմամբ, որոնցմէ մէկն է Վահան Փափազեանի` Կոմսի յուշագրութիւնը (մասնաւորաբար Գ. հատորը), եւ` ոչ միայն այդ: Մեր իրաւունքներուն փաստարկումին նպաստող տարրեր են, օրինակի համար, «Նանսենի անձնագիր»-ի գաղափարին իրականացումը, Արեւմտեան Հայաստանի կամ Կիլիկիոյ մէջ «Հայկական օճախ»-ի մը ստեղծման գաղափարն ու անոր տարազաւորման փորձերը, իսկ անոնցմէ առաջ` ցեղասպան իշխանութեան պատասխանատուներուն դէմ նոյնինքն Դաշնակիցներուն կողմէ յարուցուած դատական հարցերն ու անոնց ընծայած փաստարկումները: Եւ մենք իրաւունք չունինք, 100-ամեակէն անդին` նոր թափ ստանալու կոչուած, մեր աշխատանքներուն մէջ նսեմացնելու նման պատմական քայլերու արժէքը, այլ անհրաժեշտ է զանոնք ներառել մեր թղթածրարներուն վերանորոգման գործին մէջ: Պէտք չէ մոռնալ մանաւանդ, որ այդ աշխատանքներուն ուղղակի շարունակութիւնը եղան Ցեղասպանութեան 50-ամեակին ու յաջորդող տարիներուն` քաղաքական-դիւանագիտական բեմին վրայ Հայ դատի աշխատանքներու վերաշխուժացումն ու նոր արահետներու բացումը, ընդարձակումը` մէկ կողմէ անհատ պետութեանց ուղղութեամբ ու միւս կողմէ` ՄԱԿ-ի ծանօթ յանձնախումբերու ոլորտին մէջ, Ցեղասպանութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ այլ արժէքներու քննարկման ճամբով: Այդ աշխատանքներուն հետեւած` ուժական պայքարի տարիներն անգամ իբրեւ ուղեցոյց ունէին անկախ հանրապետութեան ժառանգութեան տիրութեան կամքը, ալ ի՜նչ խօսք, որ անոնք նաեւ եղան Արցախի ազատագրական պայքարի ներշնչարանն ու գերագոյն զոհաբերութեանց ճամբով բերին նոր նուաճումներ` հայրենի հողերուն վերատիրացման իրականութիւնը…

Համայնավարութեան տարիներուն Հայաստանի պետական իշխանութիւնները զուրկ էին նման հետապնդումներու կարելիութիւններէն, հազուադէպ բացառութիւններէն մէկն էր Կարս-Արտահանի հարցին արծարծումը: Այլապէս, «պաշտօնական» Հայաստանը, ենթարկուելով Մոսկուայի կամքին, Թուրքիայէն հողային պահանջներու հարցը երկար ատեն մէկդի դրած էր, նմանապէս` Նախիջեւանի ու Արցախի վերադարձի պահանջը: Սակայն 60-ական տարիները բերին փայլատակումներ, երբ Երեւանի մէջ բարձրացան «Մեր հողերը» կանչերը, հետեւեցան Սարդարապատի եւ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձաններուն կանգնումը: Այդ ու նմանօրինակ քայլեր հաւատարմութիւն էին անդրանիկ հանրապետութեան ժառանգութեան. այսօրուան Հայաստանն ու անոր զաւակները, ըլլան հայրենի հողին վրայ թէ արտերկրի տարածքին, աւելի լայն հնարաւորութիւն ունին արտայայտելու նոյն հաւատարմութիւնը, աւելի յառաջ անցնող քայլերու ձգտելու: Մեր քաղաքական մտածողութեան մէջ առանց շուքի պէտք է վերականգնի ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ու ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԷՆ ԱՌՆԵԼԻՔ ՀՈՂ ՈՒՆԻՆՔ կամքը, հոգ չէ թէ քաղաքական-դիւանագիտական աշխարհը կրնայ այլ բան թելադրել: Նման կամքի ամրագրում պէտք է իր տեղը ունենայ ՊԵՏԱԿԱՆ ոլորտին մէջ` անկախ անկէ, թէ ո՛վ է իշխանութեան գլխուն կանգնողը:

Եթէ անկախ հանրապետութեան տարիներէն մեզի հասած են պատգամներ ու իրագործումներու նախաքայլեր, պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ խորհրդային տարիներէն ալ մեզի աւանդ մնացած են ոչ նուազ արժէքով իրագործումներ: Ճիշդ է, որ այդ տարիները ունին մութ ու դառն երանգներ` արձանագրուած են ապազգայնացման ազդեցութիւններ, հսկայ վէրք մը մնացած է 30-ական տարիներէն` ստալինեան հալածանքներուն եւ բռնադատութիւններուն պատճառով, սակայն վերանկախացած Հայաստանը բոլորովին զուրկ չէ այդ տարիներուն ստեղծուած յենարաններէն, որոնք, խորքին մէջ, կամայ թէ ակամայ, շարունակութիւնն են եղած 1918-ի Հայաստանին: Համայնավարներուն դրժումը` անդրանիկ ու դաշնակցական հանրապետութեան նուաճումներուն, այսօր փաստուած է իբրեւ սնանկ, որովհետեւ այդ Հայաստանը, Սարդարապատով եւ այլ ստորոգելիներով, միայն Դաշնակցութեան չէր պատկաներ, այլ պարզապէս առաջնորդուած էր օրուան գլխաւոր ուժին` Դաշնակցութեան կողմէ: Հայրենաշինութիւնը, մշակութային զարգացումը (հոգ չէ թէ` որոշ գունաւորումով), ֆիզիքական ապահովութեան ենթահողի ամրացումն ու այլ իրագործումներ պէտք չէ ամբողջականօրէն քողարկուին այդ տարիներու` Հայաստան-սփիւռք խզումի եւ հակադրութեան հրահրումի բազմահանգրուան դժբախտութիւններուն պատճառով. այլ խօսքով, եթէ այսօր ունինք անկախ պետութիւն, որ կը վայելէ ամուր յենարաններ, պէտք է ընդունիլ, որ 1918-ի հանրապետութեան ի չգոյէ իրագործումներուն յաջորդեցին այլ դրական զարգացումներ. հետեւաբար պէտք է հրաժարիլ այն սխալ ենթադրութենէն, որ 1991-ի Հայաստանը կամ իրերայաջորդ իշխանութիւնները «անիւի գիւտը» նոր-նոր կատարած են ու կը կատարեն:

Մէկ խօսքով, պէտք չէ անտեսել կամ մսխումի տանիլ պատմական իրագործումները, որոնք տեղի ունեցած են հանրապետութեան ծնունդի տարիներուն, յաջորդ տասնամեակներուն ու կը շարունակուին այսօր, այլ քաղաքական-դիւանագիտական, տնտեսական, մշակութային եւ կարելի բոլոր այլ ոլորտներուն մէջ պէտք է ունենալ նախորդին վրայ նոր քարեր բարձրացնելու մօտեցումը, մա՛նաւանդ խուսափիլ ներքին երկփեղկումներու խորացման փորձութենէն, ինչպիսի արդար տրամադրութիւններով ալ որ կատարուին անոնք: Դարաւոր աւանդներու մսխումը ընդունելի չէ, այլ քաղաքական պարտամուրհակներու լիարժէք տիրութիւնը աւելի քան հրամայական է այսօրուան ու վաղուան Հայաստանին համար:

3-18 սեպտեմբեր 2018

 

«Արիւնոտ Դրօշ»-Էն «Յաղթանակի Վարդեր» Ու Դաշնակցութեան Կարմիրը

$
0
0

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Թաւշեայ Յեղափոխութեան յաջորդած հայաստանեան քաղաքական նոր հանգրուանի առաջին ընտրութիւնները տեղի ունեցան ի դէմս քաղաքամայր Երեւանի Աւագանիի ընտրութիւններուն: Անկախ անոնց վերջնական արդիւնքէն եւ քաղաքական նոր դաշտի կազմաւորման իմաստով թելադրած անհրաժեշտ խորհրդածութենէն, կասկած չկայ, որ ընտրապայքարը ինքնին լուսարձակի տակ առնուելու առանձին երեւոյթ է: Անոր ամենաշատ աղմուկ հանած իրադարձութիւններէն մէկը եղաւ վարչապետ Փաշինեանի սատարած թեկնածուին՝ Հայկ Մարութեանի «սեւ-ու-սպիտակ» ելոյթը:

Այդ մասին շատ գրուեցաւ, Դիմատետրեան բանավէճը բուռն եղաւ, բայց չենք գիտեր, թէ այն որքանով իր անդրադարձը ունեցաւ հանրային կարծիքին վրայ: Այդ ելոյթին դէմ քննադատութիւններու միտք ի բանին համերաշխութիւն խոստացող յեղափոխութեան մը անյարիր անհանդուրժողականութեան վերաբերմունքի, ընդհուպ մինչեւ ժողովրդավարութեան տկարացման հաշւոյն իշխանութեան նորագոյն կեդրոնացման վտանգաւոր միտումներուն կ’ակնարկէր: Հակառակ վարչապետին թէ նոյնինքն թեկնածուին յաջորդական յստակացումներուն եւ սխալի ընդունման, «յեղափոխական»ի եւ «հակայեղափոխական»ի բառապաշարը մնաց ընտրապայքարին մէջ, ինչ որ եւ չօգնեց «սեւ-ու-սպիտակ»եան տրամաբանութեան մտահոգութիւններու փարատումին:

Այս մտահոգութիւնը տեղին է, որովհետեւ յետ-յեղափոխական քաղաքական դաշտի կայացման գործընթացը կը շարունակուի եւ յաջորդ, եւ ամենակարեւոր, հանգրուանը անշուշտ Ազգային Ժողովի արտակարգ ընտրութիւններն են, ներառեալ՝ այդ որոշումը Սահմանադրական կարգով անցընելու դեռեւս անորոշ նախանձախնդրութիւնը:

Միեւնոյն ժամանակ սակայն «սեւ-ու-սպիտակ»եան տրամաբանութիւնը հասկնալի էր ընտրական այդ յատուկ ոլորտին մէջ եւ յատուկ չէ միայն Հայաստանի:

Արժանթինի մէջ 2015-ի նախագահական ընտրութիւններուն յաղթած նախագահ Մաուրիսիո Մաքրիի Քամպիէմոս (Փոխենք) դաշինքը անցեալ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն կրկին յաղթական դուրս եկաւ, որովհետեւ իր քաղաքական ամբողջ ռազմավարութիւնը յաջող կերպով կեդրոնացուց նախորդ քաղաքական ուժի իշխանութեան վերադարձի սպառնալիքի ուրուականին վրայ: Մաքրի իշխանութեան հասած էր երեք մեծ խոստումներով՝ պայքար ապօրինի թմրադեղերու յանցագործութեան դէմ, զէրօ աղքատութիւն եւ արժանթինցիներու վերահաշտեցում, այլ խօսքով՝ համերաշխութիւն: Այս վերջինը քաշողական էր ընտրազանգուածին համար, որովհետեւ նախորդ տասնամեակին իշխանութեան վրայ գտնուած քաղաքական ուժը ունենալով խորհրդարանական մեծամասնութիւն եւ չարաշահելով նախագահական համակարգի յատուկ Գործադիր Իշխանութեան դիրքը ստեղծած էր «Մենք» եւ «անոնք»ի, կամ «սեւ-ու-սպիտակ»ի, վատառողջ մթնոլորտ մը: Անցեալ Մարտին, Խորհրդարանի գործունէութեան բացման նիստին իր ունեցած ելոյթին մէջ նախագահը խոստացաւ գոնէ իշխող դաշինքին կողմէ այդ տրամաբանութեան բացառումը: Բայց անցեալ Մայիսէն ի վեր երկիրը տնտեսական ահաւոր ճգնաժամ կ’ապրի, այս տարեվերջին կը նախատեսուի 2,3 տոկոսի անկում, 40 տոկոս գնաճ, անգործութեան եւ աղքատութեան կտրուկ սրում եւ պետական պիւտճէի արմատական կրճատում: Գալ տարի նախագահական ընտրութիւններն են, իսկ տնտեսութիւնը հազիւ թէ կրնայ վերականգնիլ գալ տարուան աւարտին: Ոչինչ կարենալով ցոյց տալ որպէս կենսամակարդակի ձեռքբերում, իշխանութեան վրայ գտնուող ուժը գրաւը կը շարունակէ դնել ընդդիմութեան պառակտումին եւ նախորդներու վերադարձի սպառնալիքի ուրուականին վրայ: Այսինքն՝ «սեւ-ու-սպիտակ» կամ անոր արժանթինեան բնորդը՝ «Լա կրիեթա» (ճեղքը):

Բաղդատական վերլուծումի համար չբերուեցաւ այս օրինակը: Բայց քաղաքագիտութիւնը կը թելադրէ տեսական ընդհանրացումներ, որոնք կրնան երեւոյթ մը բացատրել, թէկուզ երբ այն քաղաքական ու ընկերատնտեսական տարբեր ոլորտներու մէջ կը դիտուի. այս պարագային ժողովրդավարութեան մէջ քաղաքական պայքարի երեւոյթին տրամաբանութիւնն է: Անկարող դրական որեւէ փաստարկ բերելէ, Արժանթինի մէջ իշխող դաշինքը կը ձգտի ժողովուրդին քուէն շահիլ՝ «եթէ մեզ չընտրէք, ապա անոնք պիտի վերադառնան իշխանութեան եւ իրենց հետ՝ փտտածութիւնը, տնտեսական քաղաքականութեան ապիկարութիւնը եւ ահաւոր ապագայ մը երկրին ու ժողովուրդին համար»: Երեւանի Աւագանիի ընտրութիւններուն նախկիններու վերադարձին մասին խօսիլը անհեթեթ է, անշուշտ տրուած ըլլալով որ Հանրապետականները թեկնածու չեն ներկայացուցած: «Սեւ»երը, Մարութեանի ելոյթի տրամաբանութեան մէջ, շատ աւելի վերացական «նախկին»ներն են, որոնք մէջընդմէջ ձեւաւորուեցան որպէս «հակայեղափոխական»ներ: Բայց տրամաբանութիւնը նոյնն է. ժողովրդային զօրաշարժին գլուխը անցած եւ յեղափոխութիւնը իր յաջող աւարտին հասցուցած ուժը տակաւին միայն խոստում մըն է կենսամակարդակի բարեփոխութեան այն զօրաւոր յոյսին, որ վերադարձաւ ժողովուրդին մէջ: Անհրաժեշտ է վառ պահել այդ համոզումը, որուն միակ երաշխիքը, ըստ «սեւ-ու-սպիտակ»եան տրամաբանութեան, «մենք» ենք: Համերաշխութեան մասին յետոյ կը խօսինք, եթէ հարկ ըլլայ, բայց ընտրապայքարը զէրօ հաւասարումի խաղ է (մրցակիցները միեւնոյն մեծամասնական քուէին համար քարոզարշաւ կը կատարեն, եւ այն քուէն որ մէկուն կ’երթայ, միւսին համար կորսուած քուէ է), այսքան պարզ: Այլ հարց՝ թէ ինչո՛ւ այդ զէրօ հաւասարման խաղի մրցակցութիւնը տեղի չունեցաւ մտքերու բախման եւ թեկնածուներու բանավէճի բեմահարթակին վրայ: Բայց այդ ալ հասկնալի է՝ յեղափոխութիւնը գլխաւորած ուժի վերոնշեալ վերլուծումով. նախ իշխանութիւնը, ապա ծրագիրները, մտքերն ու առաջարկները, վերջին հաշուով իշխանութիւն տապալած ուժը իշխանութեան մասին լաւ գիտէ եւ իրաւունք ունի նաեւ մանդատ ուզելու, որ ցոյց տայ, որ ատոր փաստը տայ…

Կը մնայ, որ «սեւ-ու-սպիտակ»ի այս պիտակը, որ պիտի մնայ Երեւանի Աւագանիի ընտրարշաւին վրայ, առիթ կու տայ սեղանի վրայ դնելու քաղաքական դաշտի ձեւաւորման այս գործընթացին մէջ քաղաքական ուժերու «գոյն»ի հարցը: Այս վերջինը կը հասկցուի որպէս խորհրդանիշ՝ գաղափարախօսական ինքնութեան եւ անոր հիման վրայ ծրագրային այլընտրանքի առաջարկի:

Նման հարցականի մղում տուած է Մարութեանի ելոյթէն յետոյ Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքային թէ համակիր շրջանակներու կողմէ հնչած «մենք Եռագոյն» ենք արտայայտութիւնը: Աւագանիի ընտրութիւններու աւարտով եւ «սեւ-ու-սպիտակ»եան անեքթոտի պատմութեան անցումով՝ Դաշնակցութեան համար քաղաքական «գոյն»ի հարցականը իր այժմէականութիւնը չի կորսնցներ: Ազգային Ժողովի արտակարգ ընտրութիւններու հեռանկարէն անկախ, այս հարցականը առնչակից է Հայաստանի մէջ ձեւաւորուող քաղաքական դաշտին մէջ Հ. Յ. Դաշնակցութեան տեղի ճշդորոշման աւելի երկարավազք գործընթացին: Ճիշդ է, որ Հ. Յ. Դ. Սոցիալ-տնտեսական Հիմնադրոյթներ փաստաթուղթի ներկայացումով եւ անոր շրջագայման մէջ դրուելով՝ կուսակցութիւնը շատ յստակօրէն ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս ընկերվար-ժողովրդավար, յստակօրէն Ձախ այլընտրանք: Բայց նոյնքան կարեւոր է նաեւ այդ այլընտրանքին «գոյն»ը յստակացնել ե՛ւ գաղափարախօսական ինքնութեան ու դիմագիծի յստակացման, ե՛ւ քարոզչական ու հանրային-յարաբերական աշխատանքի համար այնքան կարեւոր խորհրդանիշի ընտրութեան իմաստով:

Հոն է, որ «Եռագոյն»ի հետ կուսակցութեան նոյնացումը պիտի չունենայ այն երբեմնի ազդեցութիւնը, որ երկար տասնամեակներ ունեցաւ: Աւելի՛ն, թերեւս այն շփոթ ստեղծէ նոյնինքն շարքային կարգ մը շրջանակներու մէջ:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն եւ յետ-Եղեռնեան Սփիւռքի կազմաւորման տարիներուն, Պաղ Պատերազմէն երկու տասնամեակ առաջ, ստալինեան հակադաշնակցական հալածանքը արդէն, խորհրդային վարչակարգի ընդունման թէ մերժման, բաժանման գիծ մը ստեղծած էր հայութեան մէջ: Պոլշեւիկեան պատմաշինութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշակը նոյնացուցած էր «նացիոնալիզմ»ին հետ, վերածած էր հայութեան չարիքի համազօր խորհրդանիշի: Խորհրդային վարչակարգի հետեւորդ թէ հանդուրժող սփիւռքահայ հատուածը գաղափարախօսական համոզումով թէ յաւուր պատշաճի Եռագոյնը, անկախութեան զինանշանն ու «Մեր Հայրենիք» օրհներգը մերժած կամ անտեսած էին: Դաշնակցութիւնը միակ տէրը եղաւ այդ խորհրդանիշներուն, որոնց ետին ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի հաւատքն էր: Դաշնակցութիւնը, այո՛, ամբողջ եօթ տասնամեակ տիրութիւն ընելով Եռագոյնին, նոյնացաւ անոր հետ: Պաղ Պատերազմի ներթափանցումը հայկական համայնքներէն ներս, ի մասնաւորի՝ Միջին Արեւելք, հայութեան գաղափարախօսական արդէն առկայ բաժանումը փոխադրեց համաշխարհային աշխարհաքաղաքական նոր ոլորտ: Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտին Յունաստանի մէջ քաղաքացիական պատերազմէն մինչեւ 1950-60-ական թուականներուն Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ քաղաքական յաճախ արիւնալի բախումներն ու ճնշումները, որոնք նաեւ իրենց ողբերգական արտայայտութիւնը ունեցան հայկական համայնքներէն ներս, ծնունդ տուին ժողովրդական երգերու: Անոնցմէ մէկը յատկապէս կ’ըսէ՝ «… Չոքէ ծունկիդ վրայ/ սկսիր «Հայր Մեր»էն/ պաշտէ Եռագոյնը/ դարձիր Կարմիրէն»: Գոյները յստակ էին. Դաշնակցութիւնը՝ Եռագոյն, Դաշնակցութեան թշնամիները՝ Կարմիր:

Ծանօթ է, որ Ցեղասպանութեան յիսնամեակը իր հետ բերաւ նաեւ այդ բաժանման գիծը կամաց-կամաց սրբելու դրական նախանձախնդրութիւնը հայ պատմական երեք կուսակցութիւններուն մօտ Սփիւռքի մէջ, մինչ հայրենի իրականութիւնը յետ-ստալինեան խոհրդային ոլորտին մէջ ազգային հաւաքական յիշողութեան վերականգնման առաջին քայլերը կու տար ամբողջատիրութեան սահմանափակ թոյլտուութեան պայմաններու սահմանափակման մէջ: Բայց քաղաքական մշակոյթներու խորհրդանիշները շատ դժուար կ’անհետանան հաւաքական յիշողութեան մէջ: Մանաւանդ երբ այդ մշակոյթը կազմաւորուած է պատմական առաքելութեան մը հաւատքի եւ անոր պահանջած զոհողութեան երկարամեայ յանձնառութեամբ, ինչպիսին էր Եռագոյնին տէր կենալու Դաշնակցական առաքելութիւնն ու յանձնառութիւնը: Այնքան զօրաւոր էր անկախ պետականութեան դրօշակին հետ Դաշնակցութեան ինքնանոյնացումը, որ պահ մը կարծես մոռացման տուաւ իր սեփական դրօշակին գոյնը՝ Կարմիր, յեղափոխութեան գոյնը, Դաշնակցութեան «Արիւնոտ դրօշ»ը, գոյն մը, որ պոլշեւիզմը հաւասարեցուց ստալինեան «կարմիր սարսափ»ին… Մինչեւ որ Մայիս 28, 1988-ին, արցախեան շարժման ծնունդէն հազիւ երեք ամիս անց, Եռագոյնը երեւցաւ Երեւանի հրապարակին: Այն ատեն բոլորին համար յստակ դարձաւ, որ Եռագոյնին ընդմէջէն համայն հայութիւնն էր, որ ինքզինք կը ճանչնար որպէս մէկ ազգ: Յայտնի է, որ ՀՀՇ-ականները Մայիս 28 եւ Սեպտեմբեր 21 առանձին նշելու քայլին դիմելու զուգահեռ վերանկախացած Հայաստանը «ապադաշնակցականացնել»ու իրենց սադրանքներուն մէջ կ’ուզէին փոխել ե՛ւ օրհներգը, որուն բառերը յաջողեցան յարմարեցնել նոր անկախութեան, ե՛ւ Հանրապետութեան զինանշանը (անոնց «մտաւորական»ներէն մէկը հեգնաբար դիտել տուած էր, որ «գազանանոց» էր այն), բայց Եռագոյնը փոխելու փորձ կամ մտադրութիւն ծանօթ չէ:

Հպարտ՝ հայկական Եռագոյնին ամբողջ եօթ տասնամեակ տէր կանգնած ըլլալու եւ զայն պոլշեւիկեան սարսափի Կարմիրին հակադրելու իրողութեամբ, ոեւէ դաշնակցական այսօր Եռագոյնին հետ կը նոյնանայ այնքան ամբողջականօրէն, որքան ոեւէ հայ անկախ քաղաքական-գաղափարախօսական իր համոզումներէն: Հետեւաբար՝ Դաշնակցութիւնը եւս իր «գոյն»ը պարտի ընտրել եւ ժողովուրդին ներկայանալ որպէս այլընտրանք այդ «գոյն»ով եւ ոչ միայն Եռագոյնով: Եւ հոս բանավէճի հարց իսկ չկայ. Դաշնակցութեան «գոյն»ը կարմիրն է, եւ հարկ է միայն յստակացնել, թէ ի՛նչ կը խորհրդանշէ այդ կարմիրը:

Պատմական ժառանգութեան իմաստով Դաշնակցութեան կարմիրը «Արիւնոտ դրօշ»ն է, 19-րդ դարու աւարտին եւ 20-րդ դարու սկիզբի հայկական յեղափոխութիւնն ու ազգային ազատագրական պայքարը, որոնց արգասիքը պատմական պայմաններու բերումով եղաւ անկախ պետականութեան ստեղծումը եւ Եռագոյնը: Այդ արիւնոտ դրօշն էր, որ ծածանեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարի ժամանակ, ի շարս ազատամարտին մասնակցած շատ այլ խմբաւորումներու դրօշներուն, մինչեւ որ ազատագրուած Արցախն ալ ունեցաւ իր Եռագոյնը: Կասկած չկայ, որ ի հարկին նաե՛ւ ապագային ազգային ազատագրական որեւէ նոր սխրանքին Դաշնակցութեան Արիւնոտ դրօշը պիտի պարզուի:

Բայց Դաշնակցութիւնը արիւնն ու յեղափոխութիւնը բացառեց ներազգային ոլորտին մէջ: Ընդդիմացաւ թէկուզ եւ ընտրախախտումներու գնով իշխանութեան վրայ մնացող Լեւոն Տէր Պետրոսեանին դէմ զինեալ պայքար սկսելու ամէն արկածախնդրութեան 1996-ին, եւ 2008-ին, աւաղ ի զուր, կոչ ուղղեց ե՛ւ իշխանութեան, ե՛ւ ընդդիմութեան զերծ մնալու բախումէ ու արիւնայեղութենէ: Դաշնակցութեան կարմիրը ներազգային գործընթացի մէջ չի կրնար «Արիւնոտ դրօշ»ը ըլլալ:

Ահա հոս է, որ անհրաժըշտ է դիմել դաշնակցական բանաստեղծին՝ Դանիէլ Վարուժանին եւ իր «Բանուորուհին» քերթուածին: Նախքան բացատրելը, թէ ինչո՛ւ Դանիէլ Վարուժանի այս բանաստեղծութիւնը կը կարեւորուի մեկնաբանելու համար Դաշնակցութեան կարմիր գոյնին խորհրդանշումը այսօրուան պայմաններուն մէջ, ինքզինքիս թոյլ պիտի տամ ենթակայական մէջբերում մը ընելու, անձնական յիշատակ մը Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի օրերէն, որ, միաժամանակ, շատ տեղին կը համարեմ մեկնաբանական այս փորձին համար: Ֆրանսերէնի եւ ֆրանսական գրականութեան մեծ ուսուցչուհինիս՝ տիկին Եոլանտ Աճէմեանը, հռչակաւոր Մատամը, 19-րդ դարու ֆրանսական գրականութեան դասաւանդման ժամանակ ըսաւ, որ մինչ կան ընկերվարական մտածողութիւնը վէպին ընդմէջէն ներկայացուցած եւ ժողովրդականացուցած շատ գրողներ, որոնց մեծագոյնը Էմիլ Զոլան է անշուշտ իր «Ժերմինալ» գործով, չկայ բանաստեղծ մը, որ ընկերվարութեան պայքարի ու յաղթանակի, թէկուզ եւ Զոլայի «Ժերմինալ»ի հետեւումով աշխատաւորութեան նորածիլ հզօր յոյսը երգէր, այնպէս ինչպէս հայկական գրականութեան մէջ Դանիէլ Վարուժանը իր «Բանուորուհին» բանաստեղծութեամբ ըրած է: Եւ այս բացատրութեան հետեւեցաւ տիկին Եոլանտին անմոռանալի կատարումը քերթուածի այս տունին՝

«Կ’ուզէի քեզի տալ, ինչ որ պայքարն ինձ տուաւ, ինչ որ խլեցի մարտերով,
Քեզ պսակել արիւնիս գոյնն ունեցող յաղթանակի վարդերով:»

Երկրորդ Միջազգայնականի ընկերվար-ժողովրդավարութեան խորհրդանիշը բանուորի բռունցքին մէջ կարմիր վարդն է: Երեւանի Աւագանիի ընտրութիւններէն առաջ Դաշնակցութիւնը ներկայացուց իր սոցիալ-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթները, որով եւ յստակօրէն ներկայացաւ որպէս Թաւշեայ Յեղափոխութեան յաջորդած քաղաքական դաշտի վերակազմաւորման այս գործընթացին մէջ կեդրոն-ձախ այլընտրանքի քաղաքական-գաղափարախօսական այլընտրանք: Այդ այլընտրանքը քաղաքացիներուն կը խոստանայ պայքարիլ ի խնդիր սոցիալական պետութեան կառուցման, այսինքն՝ ի խնդիր սոցիալական արդարութեան, սոցիալական պատասխանատուութեան եւ սոցիալական համագործակցութեան: Դաշնակցութեան «Արիւնոտ դրօշ»ին կարմիրը այսօր սոցիալական պետութեան «յաղթանակի վարդեր»ու կարմիրն է, հայկական իրականութեան մէջ ընկերվարական խօսքի եւ գործի կուսակցութեան գոյնն է: Դաշնակցութիւնը այսօր ա՛յդ սերմերն է, որ ցանելու ելած է, եւ այդ սերմերէն կը սպասուի, որ տան նոր բոյսեր, նո՛ր Հայաստան:

Ակնարկ. Արտաքին-Ներքին Նոր Հանգամանքներ` Կազմելու Համար Նոր Կառավարութիւնը

$
0
0

Լիբանանի կառավարազուրկ իրավիճակը կը թուի, որ երկիրը ընդհանուր անդամալուծման չէ առաջնորդած: Ընթացիկ հարցերու կառավարումը շարունակող նախարարներու խումբը նման կարգավիճակի մէջ թէկուզ սահմանափակ իրաւասութիւններով կը շարունակեն գործադիր իշխանութեան ընթացիկ գործունէութիւնը:

Աշխուժութիւն ցոյց տուաւ խորհրդարանը, որ օրինագիծեր որդեգրելով անցում կատարեց նաեւ տնտեսութեան բարելաւման միտող օրակարգերու քննարկումին: Մինչ հանրապետութեան նախագահը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի համար Նիւ եորք կատարած իր այցելութեան շրջանակներուն մէջ միջնախագահական հանդիպումներու կը ձեռնարկէ` տարբեր պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներ առաջադրելով:

Պետական-քաղաքական կեանքի այս բնականոն հունը անպայման պէտք է ընթանայ նաեւ նոր կառավարութեան կազմութեամբ: Այդ առումով ալ լաւատեսական հովեր կը փչեն տարածաշրջանէն եւ միջազգային կեդրոններէն դէպի Պէյրութ` հանգուցալուծումներու նոր շարժառիթներ ուրուագծելով լիբանանեան երկնակամարին վրայ:

Կառավարութեան կազմութեան արգելակումի արտաքին հիմնական հանգոյցներէն կը նկատուէր Միջազգային դատական ատեանի այս օրերուն կայանալիք վճիռը, որուն ընկալման այնքան հսկայական չափերով հակոտնեայ դիրքորոշումներ կան լիբանանեան գլխաւոր համայնքային ուժերու կողմէ: Վճիռի հրապարակման ժամկէտի յետաձգման առընթեր լարուածութեան մեղմացման կանխատեսումները կը նախանշեն կառավարութեան կազմութեան հաւանականութեան բարձրացումը:

Արտաքին երկրորդ տեսական արգելք կը նկատուէր նաեւ Իտլիպի ճակատագիրի որոշումը: Յատկապէս ռուս-թրքական համաձայնութիւնը, որ փաստօրէն չեղեալ նկատեց Իտլիպի ուղղութեամբ ռուսական զինուորական յարձակումը, կանգառային իրավիճակ ստեղծեց ո՛չ միայն Սուրիոյ, այլ նաեւ ընդհանրապէս տարածաշրջանին եւ այս պարագային ներառեալ Լիբանանին համար: Այնտեղ ներգրաւուած են պետութիւններ, որոնք անմիջական հովանաւորչութիւն ունին լիբանանեան քաղաքական տարբեր կողմերու վրայ: Անոնք իրենց հերթին գլխաւոր բաղադրիչներն են Լիբանանի նոր նշանակուելիք կառավարութեան:

Քաղաքականօրէն կարելի չէ անշուշտ արձանագրել, որ միջազգային եւ շրջանային հանգամանքները ամբողջովին արգելակման առումով վերացած են: Յարափոփոխութիւնը վերահանգուցաւորումներու կամ հանգուցալուծումներու այնքան արագ կշռութաւորուած է, որ իրադրութիւնները մէկ օրէն միւսը կրնան հուն փոխել:

Յամենայն դէպս, կառավարութեան կազմութեան առկախումը միայն արտաքին հանգամանքներուն վերագրելը ճիշդ պիտի չըլլար քաղաքականօրէն: Չափաբաժիններու ապահովման առեւտուրը առկայ է, եւ փակուղիէն ելք գտնելու համար հրապարակ կը նետուին կառավարութեան կազմի դիմափոխման առաջարկներ. չէզոք դահլիճէն մինչեւ արտակարգ պայմաններու սեղմ կառավարութեան ձեւաչափի առաջարկը` կ՛արծարծուին: Կառավարութեան կազմութեան չափանիշերու շուրջ ընդհանուր համաձայնութեան գալու անհրաժեշտ պայմանները:

Կառավարութիւն կազմելու հրամայականը անյետաձգելի է:

«Ա.»

Մերն Ուրի՜շ Է…

$
0
0

ԿԱՐՕ ԹԱՇՃԵԱՆ

1982 ապրի՞լ. ժամը երեքին կը սկսի պատերազմը, եթէ… Իսրայէլ վերջնագիր տուած է Սուրիոյ… Այսքան բան կը յիշեմ: Գիւղի պահակ տղաքը ինքնաշարժներով կը շրջին Այնճարի փողոցները եւ բարձրախօսներով կը յիշեցնեն մեզի, որ պէտք է տուներուն մէջ փակուիլ: Փողոցները ամայացած են, ամէն մարդ կը սպասէ ժամը երեքին…

Ժամը երեք. ահաւոր հռնդիւնով իսրայէլեան օդանաւերը կը յարձակին` ոչնչացնելով սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան մեծ դիրք մը, գիւղի եկեղեցիին ետեւը գտնուող լերան վրայ: Ռումբերու հանած մինչեւ ոսկորներ թափանցող աղմուկը ապշեցուցած է բոլորս… Այդքան բարձր աղմուկ առաջին անգամն էր, որ կը լսէինք:

Եւ սուրիական պատասխանը… Պատրուակելով, որ կ՛ուզեմ ջուր խմել, գացած եմ խոհանոց, ուր լայն պատուհան կայ, այն յոյսով, որ կարելի է բաներ մը տեսնել պատերազմէն. ընտանիքին միւս անդամները հաւաքուած են աւելի ապահով համարուող ներսի սենեակը: Ահաւո՛ր հռնդիւն օդանաւերու, խոհանոցի պատուհանէն կը յաջողիմ տեսնել լերան ետեւէն երկինք բարձրացող սուրիական օդանաւերը, չորս օդանաւ, ի՜նչ սուրիական, չորս հատ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԻԿ օդանա՜ւ…

Աստուա՜ծ իմ, հայ Արտեմ Միկոյեանի շինած օդանաւե՛րն են… Չո՛րս հատ ՄԻ՜Կ… Իսրայէ՛լ, վո՜ւյ ամա՛ն, Իսրայէլ, հիմա գործդ դժուարացաւ… Սարսափահար` օդանաւերու հանած ահաւոր հռնդիւնէն, կը վազեմ ներս, հայկական ՄԻԿ-երը տեսած ըլլալու իրողութեան պատճառած անհո՜ւն հպարտութիւնն ու ուրախութիւնը պի՛նդ պահած փորիս մէջ… Եւ շատ չանցած` ձայնասփիւռը կը գուժէր սուրիական չորս օդանաւերու կորուստը:

Արցունքները առատօրէն կը հոսին այտերէս, անկիւն մը քաշուած` գաղտնի կու լամ, դաշնակցական պատանին չի լար, վայել չէ ՛… Հայկական հզօ՜ր օդանաւերը պարտուած էին, բայց, չէ՛, անկարելի էր հաշտուիլ այդ իրողութեան հետ … Դեռ այն ժամանակ մեր սրտերը ագահօրէն, բայց արդարօրէն կարօտը ունէին հայկական մերօրեա՛յ յաղթանակներու, դեռ այն ժամանակ մենք միայն շա՜տ հեռաւոր անցեալի ներշնչած յաղթանակներու հպարտութեամբ կը խնդայինք եւ աւելի կը յուզուէինք, կու լայինք: Դեռ այն ատեն մենք արցախեան յաղթական ազատամարտ չունէինք… Հայ Միկոյեանին ՄԻԿ-երը իրաւունք չունէին պարտուելու:

… 1990-ականներու սկիզբն է, Լիբանան հասած է անմահական ջուրն հայոց` «Ջերմո՜ւկ»-ը… Ամէն մարդ «Ջերմուկ» կը գնէ եւ անպայման կը խմէ, նոյնիսկ եթէ չսիրէ.  նախ` ո՞վ կը համարձակի հայրենիքի օրհնուած ջուրը չսիրել: Ամէն հայ մարդու պէս ես ալ կ՛երթամ Վարդանէն քանի մը շիշ եւս կը գնեմ. պէտք է քաջալերել, հայկական է, ինչո՞ւ ոչ, նաեւ` համե՜ղ, բնակա՜ն եւ շա՜տ շա՛տ օգտակար:

Փը՜ստ… կը բանամ շիշ մը ջերմուկ` հպարտօրէն ժպտելով` շիշը փըստըըցուցած ատեն, մե՜ծ ումպ մը կը քաշեմ… Եթէ չեմ սխալիր, 1980-ականներու կիսուն է, Փոլ հօրեղբօրս աղջիկը` Վիքի քոյրիկը,  վերադարձած է Հայաստանէն. իբրեւ դասարանին լաւագոյն աշակերտուհին` ղրկուած էր Հայաստան ճամբարի: Հաւաքուած ենք Վիքի քոյրիկին չորս կողմը, ագահօրէն կը լափենք Հայաստանի մասին պատմածները… Յանկարծ Վիքի քոյրիկը կը դադրեցնէ պատմութիւնները եւ կը ՊԱՅԹԵՑՆԷ՜… Սեւանայ լիճէն ջո՜ւր բերած եմ հետս, բանամ պայուսակս… Քիչ-քիչ խմեցէք, ամէնուն պիտի տամ… Ասիկա արդէն չըլլալիք ու անհաւատալի բան էր. ամէնքս ալ խմեցինք, քիչ-քիչ… Տեսա՞ք` որքա՜ն պաղ է, ասիկա դեռ օդանաւին մէջ տաքցած է բաւական…

Օխա՜յ, Սեւանի պա՜ղ ջուր, աշխարհի ԱՄԵՆԱՊԱ՛Ղ ջո՜ւրը:

Վահագն-Կարօ՛, բան մը կ՛ուզե՞ս Վարդանէն:

Կարօ-Շիշ մը «Ջերմուկ» բեր, Վահա՛գն, կամ` երկո՛ւ շիշ, մե՛ծ…

Մերն ուրիշ է, ընկերնե՛ր, փուշ լինի կամ նուշ, մերն ուրիշ է… Ափսո՜ս, մենք նուշ շատ չունինք, կարմի՜ր, փշո՜տ, համով հոտով ընկերնե՛ր…

Փը՜ստ «Ջերմո՛ւկ», ԱՆՄԱՀԱԿԱ՛Ն ՋՈ՜ՒՐՆ ՀԱՅՈՑ:

20 սեպտեմբեր, 2018
Արագած, Պէյրութ

Viewing all 12135 articles
Browse latest View live