ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան
Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան. մասնագիտութեամբ բժշկուհի, պետական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանին կինը:
Հայաստանի Հանրապետութեան 2-րդ ընտրութեան խորհրդարանի առողջապահութեան յանձնաժողովի անդամ էր: Ըլլալով բժշկուհի, նուիրուած էր գաղթականներու ու որբերու օգնութեան` պայքար մղելով համաճարակներու դէմ: Որբանոցներէն մէկուն մէջ հանդիպեցաւ ապագայ ամուսինին` Արամ Մանուկեանին, որուն հետ ալ ամուսնացաւ 1917-ին, Երեւանի մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք Կատարինէի զրկանքներուն կը գումարուին պոլշեւիկեան իշխանութեան քաղաքական հետապնդումները:
Զայն աշխատանքէ արձակած եւ վտարած են բնակարանէն, եւ ան երեխան` Սեդան գիրկը, ապաստանած է քրոջ մէկ սենեականոց բնակարանին մէջ, ապա մեկնած է Կրասնոտար` ամուսինին ազգականներուն քով:
1927 թուականին, երբ Հայաստանը մասնագէտ բժիշկներու խիստ կարիք կը զգար, ան կը վերադառնայ Երեւան: Այստեղ մայր ու աղջիկ, բնակարան վարձելով, կ՛ապրին ծայրայեղ դժուար պայմաններու մէջ:
1937-ին զայն` որպէս արտասահմանի հետ կապ ունեցող կասկածելի անձնաւորութիւն, կրկին կ՛արձակեն աշխատանքէ: Պատերազմի տարիներուն Կատարինէն կրկին կ՛աշխատի, սակայն անոր առողջութիւնը վերջնականապէս կը քայքայուի:
Կատարինէ Զալեան-Մանուկեանը մահացած է 1965-ին:
Արտաշէս Էնֆիաճեան
Քաղաքական-պետական գործիչ, Հայ ժողովրդական կուսակցութեան (ՀԺԿ) անդամ:
Արտաշէս Էնֆիաճեան ծնած է 1866-ին:
1918-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն ետք, Էնֆիաճեան համախմբական (քոալիսիոն) կազմաւորման ուղղուած բազմաթիւ ու երկարատեւ խորհրդակցական նիստերուն մասնակցած է:
4 նոյեմբեր 1918-ին Հայաստանի Խորհուրդի նիստի ընթացքին Քաջազնունիին յայտարարած նոր կառավարութեան կազմին մէջ Արտաշէս Էնֆիաճեան ստանձնած է առեւտուրի նախարարի պաշտօնը:
Էնֆիաճեան անմիջապէս աշխատանքի լծուած է` ներկայացնելով պետութեան նախնական ելեւմուտքի նախահաշիւը եւ օրինագիծը: Ձեռնարկած է բազմաթիւ անմիջական աշխատանքներ` սեփական դրամ ստեղծելու համար: Սակայն այս ոգեւորութիւնը տեւած է ընդամէնը քանի մը շաբաթ:
Էնֆիաճեանը հետագային քաղաքական կեանքէն չէ հեռացած: Ան մասնակցած է Սեւրի դաշնագրի կնքման: Ան նաեւ եղած է Աւետիս Ահարոնեանի պատուիրակութեան կազմին մէջ: Էնֆիաճեանը մասնակցած է նաեւ Խաղաղութեան համաժողովին:
Արտաշէս Էնֆիաճեանը մահացած է 4 մարտ 1924-ին:
Թադէոս Թադէոսեան
Թադէոս Թադէոսեան. կրթական մշակ, դաստիարակ եւ ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Ծնած է 4 հոկտեմբեր 1881-ին, Քանաքեռ գիւղին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցին մէջ, միջնակարգը` Երեւանի Թեմական դպրոցին մէջ, իսկ բարձրագոյնը` Ս. Փեթերսպուրկի Գիւղատնտեսական ճեմարանին մէջ, սակայն համաշխարհային պատերազմին պատճառով չէ կրցած աւարտել: Հետագային աւարտած է Ն. Աբրահամեանի հաշուապահական դասընթացքները Թիֆլիսի մէջ, եւ ՀՅ Դաշնակցութեան Թաւրիզի Փրոփականտայի (քարոզչութեան) դպրոցը` 1923-ին:
1900-ին մուտք գործած է ՀՅԴ կուսակցութեան շարքերը: Մասնակցած է եկեղեցական կալուածներու գրաւման դէմ Երեւանի հակապետական ցոյցերու կազմակերպման, նոյն աշխատանքով զբաղած է նաեւ Կոտայքի մէջ:
1905-1906 թուականներու հայ-թաթարական ընդհարումներու ժամանակ կատարած է զինման եւ ինքնապաշտպանութեան աշխատանքներ` միեւնոյն ժամանակ ղեկավարելով Երեւան, Դարալագեազ եւ Զանգեզուր զէնքի փոխադրութեան գործը:
1906-1913 թուականներուն Քանաքեռի «Աբովեան» երկդասեան դպրոցին մէջ վարած է աւագ ուսուցիչի պաշտօնը:
1908-1913 թուականներուն անդամակցած է Երեւանի ՀՅԴ «Մրգաստան»-ի կեդրոնական կոմիտէութեան: Իսկ 1911-ին ընտրուած է ՀՅԴ «Մրգաստան»-ի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ:
Եղած է Կոտայքի պատգամաւորը Երեւանի Թեմական պատգամաւորական ժողովին մէջ:
Յանուն «Մրգաստան»-ի Կեդրոնական կոմիտէի` մասնակցած է Կովկասի Ռայոնական ժողովներուն` 1912-ին Ղարաքիլիսայի մէջ եւ 1913-ին` Դիլիջանի մէջ:
1914-ի վերջերը, երբ կը պայթի ռուս-թրքական պատերազմը, Ս. Փեթերսպուրկի հայ ուսանողներէն 60 հոգի, որոնց կարգին նաեւ` Թադէոս Թադէոսեանը, կամաւոր արձանագրուած է կամաւորական շարժումին:
Թիֆլիս վերադարձին ՀՅԴ Արեւելեան Բիւրոն կը յանձնարարէ անոր անցնիլ Երեւան` կազմակերպելու «Մրգաստան»-ի կեդրոնական կոմիտէութեան շրջանի զինումն ու ինքնապաշտպանութիւնը:
Այդ աշխատանքը կատարելէ ետք, նախ կը մտնէ Իշխանի, ապա Դրոյի կամաւորական գունդերուն մէջ եւ 1915-ին կը մեկնի ճակատ` հասնելով մինչեւ Մուշ:
Երբ 1916-ին կամաւորական գունդերը լուծարքի կ՛ենթարկուին, դարձեալ Բիւրոյի յանձնարարութեամբ, կը ստանձնէ կամաւորական գունդերէն իրենց ձեռքը անցած ռազմամթերքի գաղտնի պահեստներու հսկողութիւնն ու պատասխանատուութիւնը:
1917-ին Թիֆլիսի մէջ գումարուած Կովկասի Ռայոնական ժողովին կը մասնակցի` իբրեւ պատգամաւոր: Նոյն թուականին կ՛ընտրուի եւ կը նախագահէ Քանաքեռի հասարակական Գործադիր կոմիտէն:
Այնուհետեւ կ՛ընտրուի Երեւանի առաջին գաւառամասի կոմիսար (1917-1920) եւ միեւնոյն ժամանակ, Արամ Մանուկեանի յանձնարարութեամբ, Կոտայքի ինքնապաշտպանութեան խումբերու լիազօր ղեկավար եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն` Կոտայքի գաւառէն կազմուած երկու ջոկատներ ուղարկելով ռազմաճակատ:
1920-ին ընտրուած է Երեւանի Գաւառային ինքնավարութեան վարչութեան անդամ եւ ղեկավարած է Երեւան գաւառի ոստիկանութեան եւ տնօրինութեան, հաղորդակցութեան եւ շինարարական բաժինները` մինչեւ Հայաստանի խորհրդայնացումը:
Մասնակցած է 1920-ին հայ-թրքական պատերազմին: Իսկ 1921-ին Փետրուարեան ապստամբութեան` իբրեւ Կոտայքի Փրկութեան կոմիտէի նախագահ, մինչեւ իրենց նահանջը Երեւանէն, 2 ապրիլ 1921-ին:
Անցած է Պարսկաստան, Թաւրիզի մէջ եղած է տարագիրներու «Նայիրի» կոմիտէի անդամ, ապա 1927-ին հաստատուած է Նախավկայի վանքը` Ձորագիւղ (Արաքսի աջ ափը) եւ ղեկավարած` ԵՐԿՐԻ հետ կապի գործը մինչեւ մայիս 1930:
Ուսուցչական պաշտօնով 1931-ին անցած է Նոր Ջուղա եւ պաշտօնավարած` հայոց ազգային երկսեռ դպրոցներուն մէջ, մինչեւ 1935-ի ուսումնական տարուան վերջը:
Երկար տարիներ ունեցած է կուսակցական գործունէութիւն` իբրեւ շրջանի բարձրագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, մասնակցելով Իրանի կազմակերպութեան բոլոր խորհրդաժողովներուն եւ ՀՅ Դաշնակցութեան 13, 14, 15, 16 եւ 17-րդ Ընդհանուր ժողովներուն:
1933-ին կը կազմէ անկուսակցական «Հայորդի» պատանեկան միութիւնը: Ազգային դպրոցները փակուելէ ետք, 1935-ին «Հայորդի» պատանեկան միութիւնը դարձուցած է ՀՅԴ ՆՈՐ ՋՈՒՂԱՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ:
Տասնամեակներ շարունակ եղած է «Ալիք» եւ «Յուսաբեր» օրաթերթերու եւ «Համազգային» ընկերութեան հրատարակչականներու ներկայացուցիչը:
Դպրոցները պետականացուելէն ետք ալ կրօն եւ հայոց լեզու կը դասաւանդէ տղոց եւ աղջիկներու դպրոցներուն մէջ, իսկ 1952-1956 թուականներուն, չորս տարի տեւողութեամբ, կը դասաւանդէ հոգաբարձութեան ջանքերով բացուած երեկոյեան դասընթացներուն:
Դասաւանդման գիրքերու եւ նիւթերու չգոյութեան պատճառով Թադէոսեանը յատկապէս կը կազմէ հայոց պատմութեան դասագիրքեր, որոնք կը դասաւանդուէին երկար ժամանակ:
1955-ին, հայոց ազգային դպրոցները վերաբացուելէն ետք, եւս շուրջ վեց տարի կը շարունակէ պաշտօնավարել հայոց դպրոցներուն մէջ:
Թադէոս Թադէոսեան 1961-ին Իրանի կառավարութեան որոշումով հրաւիրուած է Սպահանի համալսարանի գրականութեան բաժինին մէջ հիմնուած հայագիտական ամպիոն` իբրեւ հայոց գրականութեան եւ պատմութեան դասախօս:
Թադէոս Թադէոսեանը կը մահանայ 7 ապրիլ 1975-ին:
Լեւոն Թադէոսեան
Լեւոն Թադէոսեան. հայ յեղափոխական ու քաղաքական-պետական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Թադէոսեանը ծնած է Գողթն գաւառի Վերին Ագուլիս գիւղը, 2 փետրուար 1865-ին: Քրիստափոր Միքայէլեանի քրոջ որդին է:
Հօր երկարատեւ բացակայութեան, Թադէոսեան եղբայրները կազմաւորուած են իրենց մօր եւ քեռիին` ՀՅԴ կուսակցութեան հիմնադիրներէն Քրիստափոր Միքայէլեանի շունչով:
Լեւոնը նախնական կրթութիւնը ստացած է Ագուլիսի ծխական վարժարանին մէջ` ուսուցիչ ունենալով Րաֆֆին: Այնուհետեւ ուղարկուած է քեռիին քով, Թիֆլիս, Ներսիսեան վարժարանին մէջ ուսումը ամբողջացնելու եւ, այնուհետեւ, Ագուլիս վերադառնալով, չորս տարի գիւղին մէջ ուսուցչութիւն ընելու յանձնառութեամբ:
1888-1890-ական տարիներուն Լեւոնը, Քրիստափորի օգնութեամբ, պատրաստուած է պետական միջնակարգ դպրոցի քննութիւններուն Մոսկուայի Գիւղատնտեսական ճեմարանը մտնելու նպատակով, բայց ծանր հիւանդութեան պատճառով կը հրաժարի բարձրագոյն կրթութեան միտքէն:
ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութենէն ետք, 1890-ի ամառը, Քրիստափորի թելադրանքով, Լեւոն կը լծուի Անդրկասպեան երկրամասին մէջ կոմիտէներ կազմելու եւ դրամական հանգանակութիւն կատարելու աշխատանքին:
Անդրկասպեան շրջաններէն վերադառնալով, 1890-ի աշնան, Քրիստափորի յանձնարարութեամբ, մեկնած է Տրապիզոն ուսուցչական պաշտօնով: Թուրք կառավարութիւնը, սակայն, թոյլ չի տար անոր Տրապիզոն մտնել:
Քրիստափորի յորդորով Լեւոնը անցած է Գանձակ ու թեմական վարժարանին մէջ` ուսուցչութեամբ զբաղած, բայց շուտով բախում ունեցած է տեղւոյն կղերամիտ եւ պահպանողական մտայնութեանց հետ:
Էջմիածնէն, Մակար կաթողիկոսի յանձնարարութեամբ, կրթական յատուկ քննիչ ուղարկուած է Գանձակ, որ Լեւոն Թադէոսեանը զրկած է ոչ միայն տեղւոյն դպրոցին մէջ, այլեւ որեւէ թեմական վարժարանի մէջ պաշտօնավարելու եւ դասաւանդելու իրաւունքէն: Այդպիսով, վերջ գտած է ուսուցչական ասպարէզը Լեւոնին համար. այնուհետեւ հաշուապահական իր ընդունակութիւններով նետուած է կեանքի ասպարէզ` միաժամանակ նուիրուելով հետզհետէ թափ ստացող հայ յեղափոխական շարժման:
1898-ի վերջերը Լեւոնը տեղափոխուած է Պաքու, ուր զանազան պատասխանատու պաշտօններ վարած է նաւթաարդիւնաբերական հաստատութիւններու մէջ` մինչեւ 1918-ի սեպտեմբերին քաղաքին գրաւումը թուրքերուն կողմէ:
Կովկասի նաւթարդիւնաբերութեան կեդրոն Պաքուն եւ ՀՅԴ Ոսկանապատի Կեդրոնական կոմիտէն այդ ժամանակաշրջանին ընդհանրապէս կեդրոնական տեղ կը գրաւէին հայ իրականութեան մէջ:
Այստեղ Լեւոն Թադէոսեանը շուտով դարձաւ ՀՅԴ Ոսկանապատի Կեդրոնական կոմիտէի մնայուն մէկ անդամը ու այդպիսով ալ հիմնական դեր ունեցաւ հայ ժողովուրդի ներքին միասնութեան պահպանման, ամրապնդման եւ ընդլայնման մէջ: Ինչպէս նաեւ հայ ազգային-քաղաքական եւ ռուս աշխատաւորական-յեղափոխական վերիվայրումներու առանցքային դերակատարներէն մէկը եղաւ ան, որոշ պարագաներու նաեւ` «Հայրիկ»-ը: Ան իր գաղափարական ու բարոյական առաքինութեան եւ անձնուէր ծառայութեան համար արժանացած է «Պապաշա» (ռուսերէն` հայրիկ) անուանումին:
1905-1906 թուականներուն հայ-թաթարական արիւնալի ընդհարումներու օրերուն Պապաշա անմիջական գործունէութիւն ծաւալած է Անդրկովկասի հայութեան ֆիզիքական անվտանգութիւնը ապահովելու եւ ինքնապաշտպանութեան կռուանները հզօրացնելու գործին մէջ:
1904-1907 թուականներուն իր վճռորոշ դերը ունեցած է Դաշնակցութիւնը ներքնապէս պառակտելու փորձերուն դիմագրաւման մէջ:
1907-ին Պապաշան կը մասնակցի ՀՅԴ Դ. Ընդհանուր ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Վիեննայի մէջ: Այնուհետեւ, 1908-ի մայիսին մասնակցած է Կովկասի Ռայոնական ժողովին:
1908-1912 տարիներուն, ցարական իշխանութեանց հակադաշնակցական հալածանքներու իբրեւ հետեւանք, Պապաշա ձերբակալուած ու բանտարկուած է ցարիզմին կողմէ, ճաշակած է Մետեխի բանտը, բայց անպարտ արձակուած է Դաշնակցութեան դատէն ետք եւ դարձեալ անձնուէր կանգնած է պայքարի պատնէշին վրայ:
Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին ղեկավար մասնակցութիւն ունեցած է եւ, այնուհետեւ, Պաքուի հերոսական ինքնապաշտպանութեան մէջ:
1918-ին աշնան, Պաքուի անկումէն ու պարպումէն ետք, Պապաշան հաստատուած է Երեւան, ընտրուած է անկախ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առաջին խորհրդարանի պատգամաւոր եւ մեծակշիռ գործ կատարած` խորհրդարանի ելեւմտական յանձնաժողովին խօսնակի իր պաշտօնավարութեամբ: Հայոց նորահաստատ պետականութեան ելեւմտական հիմերու ամրապնդման մէջ հսկայական ներդրում ունեցած է:
Պապաշան Երեւան մնացած է մինչեւ 1921-ի Փետրուարեան ապստամբութեան աւարտը, հոնկէ անցած է Ատրպատական` Թաւրիզ, ուր կարճ ժամանակ մը գործած է իբրեւ ՀՅԴ Գերագոյն դատական ատեանի անդամ, պաշտօն, որուն ընտրուած էր 1919-ին, Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովին կողմէ:
1923-ին Պապաշան անցած է Ժընեւ, ապա` Փարիզ, ուր ստանձնած է ՀՅԴ Կեդրոնական դիւանի վարիչի պաշտօնը:
Լեւոն Թադէոսեան քայքայուած առողջութեան պատճառով կը մահանայ 19 դեկտեմբեր 1935-ին, Փարիզ:
(Շար. 9)