Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12135 articles
Browse latest View live

Ակնարկ. Ռուսական Տարբեր Գնահատականներն Ու Նախիջեւանեան Ճակատը

$
0
0

Ազրպէյճանական  լրատուամիջոցները մեծ ոգեւորութեամբ լուրեր տարածած էին, թէ  խումբ մը ռուս փորձագէտներ, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ այցելած էին Լելէ Թեփէի բարձունք ու հակահայկական հարցազրոյցներ տուած էին խրամատներուն մէջ: Լելէ Թեփէ այցելողներու շարքին էին Պետական տումայի պատգամաւորներ:

Եւ որովհետեւ Պետական տումայի բաղկացուցիչ պատգամաւորական խմբակցութիւններէն էին Լելէ Թեփէի այցելուներէն ոմանք, փորձենք մնալ Պետական տումայի շրջանակներուն մէջ եւ յիշենք Ռուսիոյ Պետական տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտինի` Պաքուի մէջ ըրած յայտարարութիւնը, թէ Ազրպէյճանի դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ «միշտ եղած է  կառուցողական եւ ճիշդ»:

Պէտք չէ մտահան ընել այն, որ պաշտօնական Մոսկուայի կողմէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը հակակշռելով Պետական տումայի նախագահին կատարած յայտարարութեան բովանդակութիւնը հանդէս եկած էր արցախեան հակամարտութեան նկատմամբ իր երկրի դասական դիրքորոշումներով: Այնուամենայնիւ նկատելի է, որ Պաքուի  ձեռնարկած սեփական տարածքներու վրայ ռազմական կուտակումներուն եւ ռազմաթատերական ներկայացումներուն առընթեր քաղաքաթատերական ներկայացումներ կան այս անգամ ռուսական հարթութեան վրայ: Այս շրջագիծին մէջ պէտք է դիտարկել թէ՛ Լելէ Թեփէի, թէ՛ Պետական տումայի նախագահի յայտարարութիւնները:

Բայց արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի յստակացումները գուցէ բաւարար չէին: Որովհետեւ Ռուսիոյ Պետական տումայի ԱՊՀ գործերով, եւրասիական համարկումի ու հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի առաջին փոխնախագահ Քոնսթանթին Զաթուլինը անհրաժեշտ նկատած էր մեկնաբանել Պետական տումայի անդամ Տմիթրի Սավելեւի յայտարարութիւնը, որ կը վերաբերէր արցախեան հակամարտութեան միակողմանի լուծման: Զաթուլինը զայն նկատած էր ոչ պատշաճ:

Ռուսական հարթութեան վրայ յատկապէս Պետական տումայի շրջանակներուն մէջ որդեգրած են մէկ քայլ առջեւ երկու քայլ ետեւ մարտավարութիւնը արցախեան հակամարտութեան լուծման պատկերացումներու բարձրաձայնումներուն առումով եւ ի դէպ առաջին անգամը չէ, որ ռուսական Պետական տումայի շրջանակներէն նման միակողմանի յայտարարութիւններ կը հնչեն:

Ազրպէյճանական «կառուցողականութեան» ռազմական նորագոյն դրսեւորումները կը վերաբերին նախիջեւանեան ճակատին: Ազրպէյճանական զինուած ուժերը նախիջեւանեան ուղղութեամբ որոշ տեղամասերու մէջ փորձած են դիրքային ամրապնդման ճարտարապետական աշխատանքներ իրականացնել, որուն ի պատասխան Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը պատասխան կրակ բացած են եւ թոյլ չեն տուած թշնամիին կատարել իր ծրագիրը: Հայկական կրակէն ամբողջովին քանդուած է եւ այրած թշնամիի դիրքը:

Այս գործողութիւնը արդէն զինուորական կուտակումներէն եւ սեփական տարածքներու վրայ տեղաշարժեր կատարելու մարտավարութենէն քայլ մը անդին է: Կը թուի, որ ազրպէյճանական այս «կառուցողականութիւնը» ո՛չ միայն համընթաց է այս օրերուն կազմակերպուող ռուս-թուրք միացեալ ռազմափորձերուն, այլ նաեւ  նախիջեւանեան տիրոյթը նկատի ունենալով համաձայնեցուած է  Անգարայի հետ:

Լելէ Թեփէի այցելուներն ու ազրպէյճանական կառուցողականութեան մասին խօսողները եթէ պետական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ են, պիտի իմանային, որ ո՛չ միայն իրենց երկրի պաշտօնական դիրքերուն նկատմամբ հակասական տարրեր պարունակող յայտարարութիւնները քաղաքականօրէն կրնան պատշաճ չընկալուիլ, այլ նկատի ունենային այն հանգամանքը, որ համանախագահող երկիրները զգուշ են իրար հակասող յայտարարութիւններ չընելու եւ իրենց ընդհանուր կեցուածքներէն շեղումներ չընելու: Ի հարկէ առանց բացառելու դերերու բաշխումով խառն ուղերձներ փոխանցելու կարելիութիւնը:

«Ա.»


Հայաստանը` Ուաշինկթընի Մէջ

$
0
0

Աշխարհի մեծագոյն գրադարանին` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի գրադարանին, մէջ 26 յունիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի պատմութեան եւ մշակոյթին նուիրուած բացառիկ գիտաժողով մը: Քոնկրեսի գրադարանին կայքէջը հանգամանալից կերպով տեղեկացուց գիտաժողովին մանրամասնութիւնները` նշելով, որ անիկա տեղի ունեցած է 1991 թուականէն ի վեր պարբերաբար իրականացուող «Վարդանանց օրեր» ամէնամեայ դասախօսութիւններու ծիրին մէջ, իսկ ձեռնարկին կազմակերպիչը Քոնկրեսի գրադարանին հայ աշխատակից, նշանաւոր պատմաբան Լեւոն Աւտոյեանն է: «Հայաստանի պատմութեան եւ մշակոյթի նոր նիւթեր» խորագրով գիտաժողովը ունէր մէկ նպատակ` ընդլայնել պատկերացումները Հայաստանի մասին:

Լեւոն Աւտոյեանի մասին հայագէտներ յաճախ կէսկատակ կ՛ըսեն` «Քոնկրեսին մէջ մեր մարդը»: Ան տարիներ շարունակ խնամքով եւ մեծ նուիրուածութեամբ կազմած է Քոնկրեսի գրադարանին հայկական նշանաւոր հաւաքածոն, անփոխարինելի ներդրում ունեցած է հայագիտութեան բնագաւառին մէջ եւ, առհասարակ, նշանակալի է անոր դերը ժամանակակից գրադարանագիտութեան զարգացման մէջ:

Լեւոն Աւտոյեանը այս գիտաժողովով նպատակ ունեցած է նաեւ «կոտրել» հայ ժողովուրդին եւ հայոց պատմութեան մասին պատկերացումները, ինչ որ կան օտարներուն մօտ: Ըստ անոր, այդ պատկերացումները միայն երեք-չորս փաստով կը սահմանափակուին` քրիստոնեայ երկիր, Ցեղասպանութիւն, վերապրող ժողովուրդ: Մինչդեռ, ըստ գիտնականին, կարիք կայ աւելի լայն կերպով ներկայացնելու հայ ժողովուրդը, որ այսօրուան աշխարհի գիտութեան, մշակոյթի, արհեստագիտական յառաջընթացին մէջ ուրոյն տեղ ունի:

Այդ առիթով Քոնկրեսի գրադարան ժամանած են ամբողջ աշխարհէն հայագէտներ, պատմաբաններ, գրադարանագէտներ եւ այլ մասնագէտներ` ներկայացնելու հայ մշակոյթի, պատմութեան, տնտեսութեան, նոյնիսկ մարմնամարզի զարգացման պատմութիւնը` Կիլիկիոյ թագաւորութենէն մինչեւ մեր օրերը:

«Ամերիկայի Ձայն»-ին տուած իր մէկ հարցազրոյցին մէջ Լեւոն Աւտոյեանը գիտաժողովը բնորոշած է որպէս հայ մշակոյթի եւ պատմութեան խճանկար մը:

Ուրիշ երկիրներէ Միացեալ Նահանգներ հասած հայ եւ օտար գիտնականներու կարգին են նաեւ մասնագէտներ Հայաստանէն:

Քոնկրեսի գրադարանին մէջ Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանը ներկայացուցած է Համահայկական թուային գրադարանի ստեղծման աշխատանքը: Այդ մէկը Հայաստանի Ազգային գրադարանի եւ հայ գրադարանավարներու նախաձեռնած մեծագոյն ծրագիրն է` մէկ շտեմարանի մէջ ամփոփել հայ ազգին ստեղծած տպագիր ժառանգութիւնը` համապատասխան մատենագիտական գրառումներով եւ հեղինակային իրաւունքի դրոյթները պահպանելով, գրառումներուն կցուած նիւթերուն թուային պատճէններով:

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան տեղեկատուական կեդրոնի տնօրէն Ներսէս Հայրապետեանը գիտաժողովին ընթացքին պատմած է Հայաստանի մէջ ինքնահրատ մամուլի զարգացման մասին: Հայ լրագրութեան պատմութեան ժամանակակից փուլին մէջ կարեւոր դեր ունի ինքնահրատ մամուլը: Գաղտնի պայմաններու ներքեւ լոյս տեսած այդ թերթերն էին, որ ամպիոն դարձած են ազատութեան եւ անկախութեան, ազգային իղձերու իրականացման նպատակով ոտքի ելած ժողովուրդին համար: Այդպիսի մամուլ տպուած է խորհրդային տարիներէն սկսեալ մինչեւ Հայաստանի անկախութեան առաջին փուլը: Հակառակ իր ժամանակին ունեցած դերակատարութեան, ինքնահրատ մամուլի ժամանակաշրջանը տեսաբանները բաւարար ուշադրութեան չեն արժանացուցած: Ներսէս Հայրապետեանը, հայաստանեան գրադարանային գործին նուիրեալներէն մէկը ըլլալով, ուսումնասիրութիւն մը պատրաստած է ինքնահրատ մամուլին մասին:

Հետաքրքրական թեմաներով Քոնկրեսի գրադարանին մէջ հանդէս եկած են նաեւ` Ռոպերթ Գրիգորեանը, Սիլվի Մերեանը, Խաչիկ Մուրատեանը, Թէօ Մարտին վան Վինտը, Մուրատ Եըլտըզը, Հայկ Ուտիճեանը եւ այլ երկիրներէ ժամանած մասնագէտներ, հայագիտութեան նուիրեալներ:

Լեւոն Աւտոյեանը ոչ միայն «Վարդանանց օրեր» դասախօսութիւններու ծիրին մէջ, այլ առհասարակ Քոնկրեսին մէջ տասնամեակներ շարունակ ներկայացուցած է հայկական ժառանգութիւնը` կապ ստեղծելով հայ մասնագէտներուն եւ Քոնկրեսի գրադարանին միջեւ:

Ծնած է Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ ինքզինք կէս հայ, կէս ամերիկացի կը նկատէ: «Ես չեմ կրնար օգտակար ըլլալ հայերուն, եթէ լաւ ամերիկացի չըլլամ: Անոնք կը վստահին ինծի, քանի որ ես ճշմարտութիւնը կ՛ըսեմ, եւ գիտեն, որ չեմ ստեր իրենց», առիթով մը ըսած է Լեւոն Աւտոյեանը: Ան գիտական չորս աստիճան ունի: Քոլումպիա համալսարանին մէջ ստացած է պատմութեան, արուեստի եւ փիլիսոփայութեան մագիստրոսի աստիճան: Տոքթորի աստիճանը ստացած է հնագոյն պատմութեան եւ հայոց պատմութեան բնագաւառներուն մէջ: Մէկ տարի` 1972 թուականին, ան ապրած է Հայաստանի մէջ, իր տոքթորականին համար Մատենադարանին մէջ հետազօտութիւն մը իրականացուցած է, ապա բազմաթիւ անգամներ այցելած է Հայաստան:

Քոնկրեսի գրադարանին մէջ ան աշխատելու սկսած է 1977 թուականին` աւելի ուշ կազմելով հայկական հաւաքածոն: Աւտոյեանը յաճախ այդ հաւաքածոյին շուրջ ցուցահանդէսներ կազմակերպած է, գիրքեր հրատարակած, հնարաւորինս հռչակած է հայկական հաւաքածոն` ըլլալով Քոնկրեսի գրադարանին Միջին Արեւելքի հայ-վրացական բաժնի գլխաւոր մասնագէտ-աշխատակիցը:

Քոնկրեսի գրադարանին 142 միլիոն միաւոր ունեցող հաւաքածոյին մէջ այսօր կը հաշուէ մօտ 32 միլիոն գիրք եւ այլ տպագիր նիւթեր` 470 լեզուներով, աւելի քան 62 միլիոն ձեռագիր, իրաւական նիւթերու աշխարհին ամէնէն մեծ հաւաքածոն, շարժանկարներ, քարտէսներ, ձայնագրութիւններ, թերթեր…

Գրադարանը ունի 3 հազար 637 աշխատակից: Կ՛ընդգրկէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի շէնքէն երեք մասնաշէնք:

Ահաւասիկ, աշխարհի մեծագոյն գրադարանին մէջ Հայաստանը ներկայացուած է իր հին եւ միջնադարեան եզակի հարուստ մշակոյթով: Հայկական հաւաքածոյին մէջ մաս կազմած են բազմաթիւ փաստաթուղթեր, ինչպէս` օսմանեան Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի փաստաթուղթերը, Ռուբէն Մամուլեանի արխիւը, կրօնական գիրքեր, Աստուածաշունչ, հայկական շարժանկարներ, հայերէնով ձայնագրութիւններ, սկաւառակներ, մամուլի մեծ հաւաքածոյ, ոչ միայն թերթեր, այլ նաեւ` հանդէսներ, ինչպէս` Հայաստանի «Կոչնակ»-ը, «Հայրենիք»-ը եւ այլն: Հաւաքածոյին մէջ կան նաեւ ճարտարապետական նախագիծեր եւ հայութեան ու Հայաստանին վերաբերող բազմապիսի նիւթեր:

Գրադարանին մօտ 20 ընթերցասրահներուն մէջ հայկական նմուշներ կան, հայկական հաւաքածոն ընդհանուր առմամբ կազմուած է շուրջ 47 հազար նմուշէ, որոնցմէ 16 հազար 300 անունը հայերէն է: Հետազօտական գրադարան մը ըլլալով` Քոնկրեսի գրադարանը լայն հնարաւորութիւններ ունի մանաւանդ հետազօտողներուն համար, սակայն, ինչպէս որեւէ գրադարան, ան նաեւ պարզ մարդոց կը սպասարկէ:

Հայկական նիւթերը 1800 թուականին հիմնուած այս պատմական գրադարանին մէջ յայտնուելու սկսած են կանուխ ժամանակներէն: 1815 թուականին գրադարանը ձեռք բերած է Թոմաս Ճեֆըրսընի անձնական գրադարանը, որուն մէկ մասը կը կազմէին յունական եւ լատինական դասական աղբիւրները, որոնց մէջ ներկայացուած էր նաեւ հնագոյն դասական գրականութեան մէջ նկատելի եւ ուրոյն տեղ մը զբաղեցնող Հայաստանը: Հայկական նիւթերն ալ կը պահուին Ճեֆըրսընի անուան շէնքին մէջ:

Հայկական հաւաքածոյին մէջ կը պահուին նաեւ այն քարտէսներուն բնօրինակները, որոնց վրայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի յանձնախումբը գծած է Հայաստանի սահմանները` Ա. Համաշխարհային պատերազմէն ետք: Լուսանկարներու բաժնին մէջ կը պահուին 1915-ի դէպքերուն ժամանակ նկարահանուած լուսանկարներ, որոնք գրադարանին յանձնուած են 1922 թուականին: Հոս կը պահուին նաեւ երգեր, որոնք Օսմանեան կայսրութենէն Քալիֆորնիա գաղթած հայերուն կատարմամբ հնչած եւ գրի առնուած են երաժշտական ընկերակցութեան մը կողմէ: Այդ երգերն ու անոնց ուղեկցող լուսանկարները անգին նիւթեր են ազգագրագէտներու, երաժշտագէտներու, պատմագէտներու եւ ամբողջ հայութեան համար: Յաճախ ուսումնասիրողներ կ՛օգտուին հաւաքածոյէն` մեծապէս գնահատելով այն աշխատանքը, զոր կատարած է Լեւոն Աւտոյեանը:

Գրադարանին հայկական հաւաքածոն 1991 թուականին արժէքաւոր ժառանգութիւն ստացած է Համբար Տատեանէն, որ չափազանց մեծ հետաքրքրութիւն ունեցած է գրադարանին հայագիտական ծրագիրներուն հանդէպ, իսկ 1995 թուականի հաւաքածոն նոր համալրում ստացած է, այս անգամ` տիկին Տատեանէն: Միայն Տատեանները չեն անշուշտ, որ նուիրատուութիւն կ՛ընեն հայկական հաւաքածոյին: Հայոց պատմութիւնը, գիրն ու գրականութիւնը գնահատող ամէն ոք անպայման կ՛ուզէ ձեւով մը իր ներդրումը ունենալ աշխարհի ամէնէն մեծ այս շտեմարանի հայկական փաստաթուղթերու հաւաքածոյին մէջ:

Հայաստանի գրադարաններուն հետ, շնորհիւ Լեւոն Աւտոյեանին, գոյութիւն ունի գրքափոխանակութեան ծրագիր մը, եւ Հայաստանէն նոր լոյս տեսած գիրքերը կը հասնին Քոնկրես, նոյնպէս` Լեւոն Աւտոյեան հայ գործընկերները հետաքրքրող գիրքերը կ՛առաքէ Հայաստան… Կը մօտենայ Լեւոն Աւտոյեանին հանգստեան կոչուելու տարիքը, եւ ան քանի մը առիթներով մտահոգութիւն յայտնած է, թէ արդեօք կարելի՞ է գտնել Քոնկրեսի գրադարանին մէջ իրեն փոխարինող մը, որ թէ՛ հայերէն գիտնայ եւ թէ՛ կարողանայ շարունակել հաւաքածոյին հարստացման աշխատանքը: Ինչպէս կարգ մը կառոյցներու մէջ, Քոնկրեսի գրադարանին մէջ եւս աշխատողներու կրճատումներ տեղի կ՛ունենան, եւ դժուար է ըսել, թէ գրադարանը կ՛ընդունի՞ նոր հայ աշխատող մը, թէ՞ ոչ: Բայց հաւաքածոն եւ հայկական ուսումնասիրութիւններուն բաժինը, վստահաբար յաւերժ հոն կը մնան:

Ազգային Կեանք

«Վարդանանց օրեր»-ու ծիրին մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովին յաջորդ օրը Ուաշինկթընի Ազգային պուրակին մէջ սկսած է Միացեալ Նահանգներու ուրիշ հնագոյն կեդրոնի մը` Սմիթսընեան հաստատութեան մեծ փառատօնը` «Ազգային կեանք»-ը, որ այս տարի նուիրուած է Հայաստանին եւ Սպանիոյ տարածքին գտնուող Քաթալոնիա պատմական մարզին: Երկու շաբաթ անընդմէջ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքի սիրտին մէջ տեղակայուած տասնեակ մը տաղաւարներուն եւ բեմահարթակներուն վրայ կը ներկայացուին հայկական մշակոյթն ու աւանդոյթները, կը մատուցուին հայկական ուտեստներ, կը հնչէ հայկական երաժշտութիւն: 27 յունիսէն մինչեւ 1 յուլիս եւ 4-8 յուլիսը տեղի ունեցող փառատօնին հայկական կենցաղը այցելուներուն ներկայացնելու գործին մէջ ներգրաւուած են Հայաստանէն եւ սփիւռքէն Միացեալ Նահանգներ ժամանած աւելի քան 170 ներկայացուցիչներ` արհեստագործներ, ձեւագէտներ երաժիշտներ, խոհարարներ, գինեգործներ, դարբիններ, պարողներ եւ կատարողներ:

Ամէն տարի աւանդաբար տեղի ունեցող այս ձեռնարկին մասնակից կը դառնան միլիոնաւոր մարդիկ` Միացեալ Նահանգներէն, եւ զանազան երկիրներէ կը ժամանեն մայրաքաղաք Ուաշինկթըն կամ ձեռնարկներուն կը հետեւին առցանց: Սմիթսընեան հիմնարկին «Ազգային կեանք» փառատօնի բացման արարողութեան 28 յունիսին ներկայ եղած են` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը, Հայաստանի մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզը, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Տեպորա Կրիսըրը, Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանը, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ` Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութենէն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն, Մարդկային զարգացման գործակալութենէն եւ ամերիկահայ սփիւռքի կազմակերպութիւններէն: 28 յունիսին եւ 30 յունիսին դեսպան Միլզը, դեսպան Յովհաննիսեանը, Տեպորա Կրիսըրը նաեւ մասնակցած մշակութային դիւանագիտութեան եւ մշակութային զբօսաշրջութեան շուրջ Սմիթսընեան հանրային քննարկումներուն:

Միւս կողմէ, Հայաստանը կովկասեան տարածաշրջանի առաջին երկիրն է, որ կը ներկայացուի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցող այս հեղինակաւոր փառատօնին: Այցելուները հայաստանեան տաղաւարներուն մէջ կը սորվին` ինչպէ՛ս թոնիրի մէջ լաւաշ թխել, գաթայ եւ թել պանիր պատրաստել, խորոված ընել, տոլմա եփել… Գինի, չիր, տուրմ համտեսելու առընթեր, այցելուները նաեւ առիթը կ՛ունենան «Հիւրասենեակ», «Հացատուն», «Հազարաշէն», «Կենաց ծառ» տաղաւաներուն մէջ պարելու, սեփական ձեռքերով բան մը եփելու, փորագրելու, գորգ գործելու, ինչպէս նաեւ համացանցի միջոցով կրնան առցանց ճամբորդութիւն կատարել դէպի հայաստանեան երկու յայտնի պատմական վայրեր` «Արենի-1» քարանձաւ, ուր 6100-ամեայ գինիի հնձան կայ, եւ` 13-րդ դարու Նորավանքի վանական համալիր: Եռաչափ այս զբօսաշրջութիւնը մշակուած է Սմիթսընեան հիմնարկին եւ CyArk ընկերութեան կողմէ` Միացեալ Նահանգներու Մարդկային զարգացման գործակալութեան աջակցութեամբ: Բոլոր ձեռնարկներուն միջոցով ջանքեր պիտի գործադրուին` ներկայացնելու Հայաստանի մշակութային, պատմական եւ զբօսաշրջային գրաւչութիւնը:

Յիսուն տարի շարունակ Միացեալ Նահանգներու գիտահետազօտական եւ մշակութային մեծ կեդրոններէն մին նկատուող Սմիթսընեան հաստատութիւնը կը կազմակերպէ այս փառատօնը: Հետաքրքրական են ինչպէս փառատօնի անցած ուղին, այնպէս ալ` Սմիթսընեան հաստատութեան պատմութիւնն ու անցած գիտական փառաւոր ուղին: Սմիթսընեան հաստատութիւնը հիմնադրուած է 1846 թուականին, Ուաշինկթընի մէջ, Քոնկրեսին յատուկ որոշումով, անգլիացի տարրաբան եւ հանքաբան Սմիթսընի (1765-1829) կտակած միջոցներով` գիտութիւնը ժողովուրդին մէջ տարածելու եւ ընդլայնելու նպատակով:

Հիմնարկը իր մէջ կը միաւորէ` Ազգային թանգարանը, Սմիթսընեան աստղադիտարանը, Արուեստի ազգային պատկերասրահը, Ազգաբանական հետազօտութիւններու հիմնարկը, Ազգային կենդանաբանական պարտէզը եւ գիտական այլ հիմնարկներ:

Սմիթսընեան հիմնարկը աւանդաբար կը գլխաւորէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը, պատուոյ խորհուրդի կազմին մէջ են նաեւ փոխնախագահը, արտաքին գործոց նախարարը, ելեւմուտքի, պաշտպանութեան, արդարադատութեան նախարարները, պաշտօնական այլ անձեր:

«Ազգային կեանք» փառատօնին Հայաստանի մասնակցութիւնը կը համակարգէ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի աշխատակից Լեւոն Աբրահամեանը: Փառատօնը, յիսուն տարի է, ամէն տարի տարբեր ուղղուածութիւն եւ նիւթ կ՛որդեգրէ:

Այս տարի փառատօնին գլխաւոր հերոսը վարպետն է, որուն միջոցով ցոյց պիտի տրուին այսօրուան արհեստը, աւանդոյթները, խոհանոցը եւ անոնց սերտ կապը` անցեալին հետ: Ամբողջ գաղափարը պիտի ըլլայ այն, թէ ինչպէ՛ս անոնք պահպանուած եւ փոխանցուած են սերունդներուն:

Յատկանշական է, որ այս տարի ինչպէս առաջին անգամ Հայաստանը կը մասնակցի այդ փառատօնին, այնպէս ալ Հայաստանէն առաջին անգամ սուրիահայ կիներ միջազգային փառատօնի մը ընթացքին կը ներկայացնեն հայկական ասեղնագործութիւնը: Անոնք Ուաշինկթընի մէջ օրեր շարունակ պիտի ասեղնագործեն Մարաշի, Այնթապի եւ հայկական ասեղնագործութեան կեդրոններու բացառիկ նմուշներ:

Ուաշինկթընի Ազգային պուրակին մէջ կը ստեղծուի նաեւ քարանձաւային միջավայր մը, ուր այցելու երեխաները կը մասնակցին պեղումներու, որոնց Արդիւնքին` երեխաները կը գտնեն Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած ամէնէն հին կօշիկին յուշանուէրային տարբերակը: Հայաստանեան օրերը համընկած է 4 յուլիսին` Միացեալ Նահանգներու անկախութեան օրուան եւ սովորաբար այդ օրը Ուաշինկթընը լեցուն կ՛ըլլայ զբօսաշրջիկներով: Իսկ փառատօնին աւարտը նախատեսուած է 8 յուլիսին, եւ քանի որ այս տարի Վարդավառը` Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը կը նշուի այդ օրը, հետեւաբար եզրափակիչ օրը հայերը ջուր կը ցօղեն իրարու եւ փառատօնի այցելուներուն վրայ` բացատրելով նաեւ հնագոյն այդ աւանդոյթին իմաստը: Մեր հայրենակիցները Ուաշինկթընի կեդրոնին մէջ նաեւ շուրջպար կը բռնեն քաթալոնացիներուն հետ: Զգացմունքներով եւ պատմութեամբ իրարու շատ նման հայերն ու քաթալոնացիները, Միացեալ Նահանգներու սրտին մէջ, անգամ մը եւս կը հաստատեն այդ նմանութիւնը:

«Ժամանակ»

 

Նոր Հրատարակութիւն. Աշխարհահռչակ «Նարնիայի Քրոնիկները» Վիպաշարքին Հայերէն Թարգմանութիւնը

$
0
0

ՆԱՆՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Տպագիր օրինակի համար այցելել` www.roslin.press 

Թուայնացած օրինակի համար այցելել` www.vlume.com

Նիւ Եորքի մէջ վերջերս հիմնուած «Ռոսլին փրես» հրատարակչութիւնը հրապարակ կը հանէ արեւմտահայերէնի թարգմանուած պատանեկան վէպերու աշխարհահռչակ շարքը` Ք. Ս. Լուիսի (C. S. Lewis)  «Նարնիայի քրոնիկները»:

Սերունդներ մեծցած են ու կը շարունակեն մեծնալ այս շարքի մանկական ժապաւէններով ու գիրքերով: Նման գրականութեան բացը հայ պատանիներու իրականութեան մէջ փակելու միտումով «Ռոսլին Փրես» հրատարակչութիւնը ձեռնարկեց սոյն հսկայ գործին:

Եօթը հատորներուն առաջինը անգլերէնէ թարգմանած է Քրիստիան Բատիկեանը, իսկ մնացեալ վեց հատորները` Նանոր Միքայէլեանը:

Հատորները խմբագրած է դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանը:

Թարգմանիչները պարզ ու մատչելի հայերէն կը գործածեն` պատանիին խօսածէն կարելիին չափ շատ չհեռանալու մտադրութեամբ, սակայն նաեւ` չմոռնալով անոր հրամցնել նոր բառամթերք:

Նարնիայի Քրոնիկները (7 հատորով)

Այս օրերուն որքան կարիքը ունինք հեքիաթ կարդալու, հեքիաթ, ուր ո՛չ միայն վիշապներ գոյութիւն ունին, այլ վիշապները պարտութեան կը մատնուին,  նոյնիսկ կը զղջան:

Ք. Ս. Լուիսի «Նարնիայի քրոնիկները» պատանիներու, ինչո՞ւ չէ, նաեւ մեծերու համար գրուած արկածախնդրութիւններու շարք մըն է` ամփոփուած եօթը հատորներու մէջ, որոնցմէ վեցը արեւմտահայերէնի վերածելու հաճոյքը ունեցայ:

Ամբողջ տարի մըն է, որ կ՛ապրիմ երազային այս աշխարհին մէջ. աշխարհ մը, ուր բնութիւնը չքնաղ է, արարածները հրաշագեղ` թեւաւոր ձի, յաւերժահարս, ծառանուշ… Աշխարհ մը, ուր թագաւորները արդարօրէն կը դատեն, ուր կայ ընտանեկան սրբութիւն, միասնականութիւն, ուր կին արարածը կը մեծարուի, մեծը կը յարգուի, ճիշդը կը գնահատուի, ու սխալին դէմ պայքար կը մղուի: Աշխարհ մը, ուր կան աներեւակայելի գեղեցիկ պալատներ, ոսկեայ խնձորներով ծառեր ու հաւատարիմ ընկերներ, որոնք անձնազոհութեամբ կը հասնին օգնութեան, պատերազմելու` չարագործներու, յոխորտացողներու ու բռնակալներու դէմ, զինուած` համբերութեամբ ու ամենակարեւորը` հաւատքով:

Դժբախտաբար շատերու համար գիրք կարդալը առարկելի  դարձած է ու անհաճոյ: Բայց չէ՞ որ կարդալով կրնանք ուրիշ աշխարհներ հասնիլ, ամենաբարձր լեռները մագլցիլ ու ամենահամեղ պտուղները ճաշակել: Կարդալը գերագոյն հաճոյք է: Գիրքը ամենազուարճալի ընկերակիցն է ու ամենակարող ուսուցիչը, որ մեր բոլոր զգայարանքները կ՛աշխուժացնէ:

Մէկ խօսքով, գիրքը կեանքն` է խտացուած:

Ք. Ս. Լուիսի արկածախնդրական այս շարքին մէջ պիտի տեսնենք, որ բարին ու չարը ամէն տեղ են, նոյնիսկ` մե՛ր մէջ, իսկ այդ երկուքին միջեւ կայ թափանցիկ ու շատ բարակ թել մը, մէկ կողմը` լոյս, միւս կողմը` խաւար: Նարնիայի մեր փոքրիկ հերոսներուն օգնութեամբ կարելի պիտի ըլլայ ընտրել ճիշդ ուղին եւ յաւերժ ապրիլ երջանիկ ու վայելել կեանքի ընծայած  անհամար բարիքները:

 

Նարնիայի Քրոնիկները
(7 Հատորով)
Հայերէն հրատարակութիւնը` «Ռոսլին փրես»-ի

Ա. հատոր` «ԱՌԻՒԾԸ, ՎՀՈՒԿԸ ԵՒ ՀԱՆԴԵՐՁԱՐԱՆԸ»
Անգլերէնէ թարգմանութիւնը` ՔՐԻՍՏԻԱՆ ԲԱՏԻԿԵԱՆի, 180 էջ

Բ. հատոր`  «ՔԱՍՊԻԱՆ ԻՇԽԱՆԸ»
Անգլերէնէ թարգմանութիւնը` ՆԱՆՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆի, 216 էջ

Գ. հատոր`  «ԱՐՇԱԼՈՅՍԻ ՏԻՐԱԿԱԼԻ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ»
Անգլերէնէ թարգմանութիւնը` ՆԱՆՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆի, 238 էջ

Դ. հատոր` «ԱՐԾԱԹԵԱՅ ԱԹՈՌԸ»
Անգլերէնէ թարգմանութիւնը` ՆԱՆՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆի, 224 էջ

Ե. հատոր`  «ՁԻՆ ԵՒ ԻՐ ՏՂԱՆ»
Անգլերէնէ թարգմանութիւնը` ՆԱՆՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆի, 208 էջ

Զ. հատոր` «ԱՃՊԱՐԱՐԻՆ ՔՐՈՋ ՈՐԴԻՆ»
Անգլերէնէ թարգմանութիւնը` ՆԱՆՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆի, 192 էջ

Է. հատոր`  «ՎԵՐՋԻՆ ՄԱՐՏԸ»
Անգլերէնէ թարգմանութիւնը` ՆԱՆՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆի, 194 էջ

 

Ծնողներու Մեծարանքի Երեկոյ` Կազմակերպութեամբ Շնորհալի Երգչախումբին

$
0
0

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին, շաբաթ, 30 յունիս 2018-ի երեկոյեան Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ծնողներու մեծարանքի ձեռնարկ:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսք արտասանեց երգչախումբի ղեկավար Զաւէն աբղյ. Նաճարեանը: Ան կարեւոր նկատեց հայ ընտանիքին արժէքը սփիւռքի ներկայ պայմաններուն մէջ ու մաղթեց, որ անոնք համբերութեամբ կատարեն իրենց վստահուած պատասխանատուութիւնը` թէ՛ ընտանիքին եւ թէ՛ ազգին նկատմամբ:

Ընթրիքը ճոխացաւ զանազան խաղերով ու ընկերային մթնոլորտով: Աւարտին, տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ զաւակները իրենց ծնողները պատուեցին վարդերով:

 

Հայր Ղուկաս Ինճիճեան (Ղուզիոս Միքայէլեան, 1758-1833). Հայ Մտքի Եւ Գիտութեան Մեծավաստակ Երախտաւորը

$
0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայ ժողովուրդի Մխիթարեան միաբաններու լուսաբաշխ համաստեղութեան մէջ իր ուրոյն տեղն ու արժէքը ունի հայր Ղուկաս Ինճիճեանը, որուն վախճանումին 185-րդ տարելիցը կ՛ոգեկոչենք յուլիս 2-ին:

Բանասէր եւ հայագէտ, պատմաբան ու աշխարհագրագէտ, աստղաբաշխութեան վարպետ եւ հասարակական գիտութիւններու հմուտ տեսաբան, բազմավաստակ խմբագիր ու մեծարժէք գիտուն` հայր Ղ. Ինճիճեանը անվիճելիօրէն կը հանդիսանայ գլխաւոր ռահվիրաներէն մէկը 19-րդ դարու հայոց ազգային զարթօնքին:

Հայր Ղ. Ինճիճեանը ոչ միայն Արեւելքի խաւարամտութեան տակ հիւծող հայութեան առջեւ լայնօրէն բացաւ եւրոպական մտքին ու գիտութեան լուսամուտները, այլեւ հայ ժողովուրդի ազգային հոգեմտաւոր արժէքներուն ուսուցանողը, տարածիչն ու վերանորոգողը եղաւ:

Յատկապէս իբրեւ գիտուն մտաւորականի եւ անխոնջ հրապարակագիրի եզակի համադրումի մը` հայր Ղ. Ինճիճեանը ամբողջ կէս դար հոգեմտաւոր սնունդ հասցուց մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Իր ուսումնասիրութիւններն ու աշխատասիրութիւնները անուս բազմութիւններուն մատչելի դարձնելու բնատուր ձիրքը ունէր, աշխարհաբարի առաջին մշակողներէն եղաւ, հայ պարբերական մամուլի նախակարապետ դարձաւ ու յատկապէս տարեգիրքերու հիմը դրաւ հայ իրականութեան մէջ:

Ծնած էր 1758-ին, Կ. Պոլիս: Մեծ հայրը Ադրիանապոլսէն (Էտիրնէ) էր, հանրածանօթ` Ինճիճի Հաճի Միքայէլ անունով: Հայրը Պոլիս հաստատուած Ինճիճի Պօղոս Միքայէլեանն էր: Իսկ մայրը` Տիրուհին, կը յիշատակուի իբրեւ քոյրը Մխիթարեան միաբանութեան մեծանուն պատմաբան Միքայէլ Չամչեանի (1738-1823):

1770-ին հայրը Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւն ուղարկեց 12-ամեայ իր զաւակը, որ իր ուշիմութեամբ գրաւեց հոգածութիւնը միաբանութեան առաջնորդ արքեպիսկոպոս Ստեփանոս Ակունց Քուվերին (1740-1824) եւ վայելեց անոր ուշադրութիւնն ու քաջալերանքը: 1774-ին 16-ամեայ պատանին ընտրեց հոգեւորականի կեանքը եւ դարձաւ Մխիթարեան միաբանութեան անդամ: Իսկ 1786-ի վերջերուն վերադարձաւ Կ. Պոլիս, ուր մնաց չորս տարի: 1790-ին վերստին մեկնեցաւ Վենետիկ, ուր գործեց մինչեւ 1805-ի մարտ 14-ը, երբ առողջական պատճառներով բուժման համար դարձեալ վերադարձաւ Պոլիս երկար ժամանակով հոն մնալու եւ աշխարհագրական որոշ վայրեր մօտէն ուսումնասիրելու մտադրութեամբ:

Հայր Ղ. Ինճիճեանը աւելի քան 23 տարի մնաց ու գործեց Կ. Պոլսոյ մէջ: Մեծ ներդրում ունեցաւ 1810-ին հիմնադրուած Արշարունեաց Միութեան աշխուժացումին եւ հզօրացման մէջ: Միութեան նպատակն էր տարածել ռամիկ, այլեւ աշխարհաբար հայերէնով հրատարակուած

գիրքերը: Կազմած էր սեփական մեծ գրադարան մը, որ 1815-ին հրդեհի մը բռնկման պատճառով ամբողջապէս մոխիր դարձաւ: Հրոյ ճարակ դարձան նաեւ մեծ թուով իր ձեռագիրները, որոնց շարքին` «Օսմանեան պետութեան աշխարհագրութիւն» անուն իր ծաւալուն գործին երկրորդ եւ երրորդ հատորները:

1819-ին Արշարունեաց միութեան հովանաւոր Գիւզեան ունեւոր ընտանիքը օրուան իշխանութեանց կողմէ ենթարկուեցաւ հալածանքի, եւ հայր Ղ. Ինճիճեան` իբրեւ ընտանիքին մտերիմը, խոյս տուաւ դէպի Օտեսա: Թէեւ տարի մը ետք դրութիւնը կարգաւորուեցաւ, եւ հայր Ինճիճեանը 1820-ին վերադարձաւ Կ. Պոլիս, բայց Գիւզեան ընտանիքի գլխուն եկած փորձանքին պատճառով Արշարունեաց միութիւնը կազմալուծուած գտաւ: Այդ պատճառով ալ, միութեան կողմէ նիւթապէս մատակարարուող հայր Ղ. Ինճիճեանի հրատարակած մեծարժէք «Եղանակ Բիւզանդեան-Բազմավէպ» տարեգիրքը եւս դադրեցաւ լոյս տեսնելէ:

Ընդհանրապէս կաթողիկէ հայերու նկատմամբ հալածանքի տարիներ էին 1820-ականները. 1828-ի սկզբնաւորութեան Կ. Պոլսոյ կաթողիկէ հայերը աքսորուեցան իշխանութեանց կողմէ: Հայր Ինճիճեան Պոլիս մնալը այլեւս վտանգաւոր համարելով` նոյն տարուան մայիսին վերջնականապէս գնաց Վենետիկ, ուր տարի մը առաջ վախճանած հայր Գաբրիէլ Աւետիքեանի (1751-1827) փոխարէն ընտրուեցաւ միաբանութեան փոխառաջնորդ: Այդ պաշտօնին վրայ ալ վախճանեցաւ 2 յուլիս 1833-ին:

Հանրագիտական աղբիւրները միաձայնութեամբ կը շեշտեն, որ հայր Ղուկաս Ինճիճեանը իր անունին կապեց բանասիրական եւ խմբագրական բեղուն ու մեծարժէք վաստակ մը: Յատուկ գնահատանքի արժանի են.

– 1791-ին Վենետիկ լոյս տեսած իր «Տեսութիւն համառօտ հին եւ նոր աշխարհագրութեան» չափածոյ երկը, որ նաեւ լրիւ թարգմանուած է իտալերէնի, իսկ մասնակիօրէն` ֆրանսերէնի:

– 1794-ին հրատարակուած «Ամարանոց Բիւզանդեան» գիրքը:

– 1799-1802-ին` «Տարեգրութիւն»-ներու շարքը, որ «Ազդարար»-էն ետք երկրորդ պարբերականը եղաւ հայ իրականութեան մէջ, նաեւ եղաւ առաջինը` աշխարհաբար լեզուի իր գործածութեամբ: Կը պարունակէ ժամանակաշրջանի հասարակական-քաղաքական իրադարձութեանց մասին հակիրճ տեղեկութիւններ:

– 1803-20-ին, «Տարեգրութիւն»-ներու փոխարէն, լոյս տեսած «Եղանակ Բիւզանդեան-Բազմավէպ» աշխարհաբար տարեգիրքը, աւելի ճոխ ու բազմազան բովանդակութեամբ, նաեւ` աւելի մեծ ծաւալով ու գեղեցիկ նկարազարդումներով:

– 1824-էն սկսեալ հրատարակուած «Դարապատումներ» շարքը, տարեկան մէկ կամ երկու հատորով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պարունակէ դարաշրջանի մը քաղաքական եւ մշակութային իրադարձութեանց պատմութիւնը:

Հայր Ղուկաս Ինճիճեանին թողած ժառանգութեան մաս կը կազմեն նաեւ պատմաբանասիրական եւ աշխարհագրական ուշագրաւ հետազօտութիւններ, որոնք կը պարունակեն հարուստ նիւթեր` հին Հայաստանի պատմութեան, աշխարհագրութեան, տեղագրութեան եւ հնութեանց մասին:

Անոնց կարեւորագոյններն են`

– «Աշխարհագրութիւն չորից մասանց աշխարհի» բազմահատորեակի առաջին մասին Ա. հատորը եւ երկրորդ մասին Ե.- Զ. հատորները (1806, 1804):

– «Ստորագրութիւն հին Հայաստանեայց»-ը (1822), ուր մանրամասնօրէն ներկայացուած են պատմական Հայաստանի 16 նահանգները, տրուած է անոնց տեղակագրական եւ աշխարհագրական նկարագիրը:

– «Հնախօսութիւն աշխարհագրական Հայաստանեայց աշխարհի» (երեք ստուար հատորներ, տպուած` Վենետիկ, 1835-ին):

Հայր Ինճիճեան հրատարակած է նաեւ քանի մը մասնայատուկ աշխատութիւններ, որոնք իբրեւ դասագիրք օգտագործուած են ատենին, ինչպէս` «Պատմութիւն կենդանեաց ի չորս կարգս բաժանեալ` ի ցամաքային, ի ջրային, յերկակենցաղ եւ յօդային» (Վենետիկ, 1801: Բ. տպագրութիւն` 1810):

Վերջապէս, բայց ո՛չ վերջինը, յատուկ յիշատակութեան արժանի է հայր Ղուկաս Ինճիճեանի աշխատասիրութիւնը «Ազգասիրութեան մասին», զոր հայ մտքի եւ գիտութեան մեծարժէք այս Մխիթարեանը գրած էր 1812-ին, Արշարունեաց միութեան խնդրանքով` ներկայացնելու համար իր համոզումներն ու տեսակէտները ի պաշտպանութիւն հայոց ազգային հոգեմտաւոր գանձարանին:

 

 

 

Գլխիս Տակ Դաշոյն Կը Դնէք, Որ Էն Աշխարհում Էլ Պայքարեմ

$
0
0

Հայ ժողովուրդը 21-րդ դար եւ նոր ժամանակներ մուտք գործեց հասակը բարձր կանգնած, մէջքը շտկած եւ ճակատը բաց ու պայծառ:

Ազգային ինքնավստահութեան եւ ինքնահաստատման այդ խոյանքը մեր ժողովուրդը նուաճեց արցախեան ազատամարտով, որ անհաւասար ուժերով ճակատումներէ ու լինելութեան մաքառումներէ յաղթական դուրս գալու հրաշքին նորօրեայ վկայութիւնը եղաւ:

Իսկ արցախեան հրաշազօր ազատամարտը մենք նուաճեցինք հերոսական հայորդիներու թանկագին արեամբ, անոնց աներեր հաւատքին եւ անսակարկ անձնազոհութեան անխարդախ ուժով:

Ազատամարտիկ այդ սերունդին ներկայացուցչական դէմքերէն էր կրակի մկրտութեամբ Դուշման անուանակոչուած Վարդան Ստեփանեանը:

Դուշման ծնած էր 1966-ին, Երեւան: Հիմնական ուսումը ստացած էր Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան թիւ 32 միջնակարգ դպրոցին մէջ, ուր ուշադրութիւն գրաւած էր իր գերազանց յառաջադիմութեամբ, ինչպէս որ կը վկայեն կենսագիրները: Մանկութեան տարիներուն շատ ժամանակ անցուցած է գրադարանի մէջ, ուր կ՛աշխատէր մայրը: (Տարիներ ետք, արցախեան ազատամարտի օրերուն, Վարդան Դուշման խոր յուզումով պիտի յիշէր եւ գրի առնէր գիրքերու աշխարհին հետ իր կապուածութեան վերաբերեալ վկայութիւն մը, որ արտատպուած է յուշատետրի այս սիւնակի կողքին): Իր ընթերցումներուն ծանրութեան կեդրոնը եղած են Չարենց, Թումանեան եւ Շիրազ:

1983-ին, աւարտելով դպրոցը` աշխատանքի անցած է Երեւանի բուրդէ գործուածքներու գործարանին մէջ: 1984-ին կամաւոր ծառայութեան անցած է Աֆղանիստան տեղակայուած խորհրդային բանակի կազմին մէջ: Ինչպէս ինք պիտի խոստովանէր հետագային, Վարդան իր բանակային ծառայութեան ժամանակ կ՛երազէր տիրապետել ռազմական արուեստի հմտութիւններուն: Կարծէք կը նախազգար, որ հայ ժողովուրդին համար կը սպասուէր պատերազմ մը, որ պիտի ըլլար աֆղանականին չափ եւ աւելիով դաժան ու արիւնալի.

«Աֆղանստան ծառայելու գնացի կամաւոր, ուզում էի լաւ կռուել սովորել եւ կռուեցի: Վատ զինուոր չեմ եղել եւ միշտ հաւատացել եմ, որ մի օր հայոց բանակի զինուոր եմ լինելու»…

Զօրացրուելէ ետք Վարդան ընդունուեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի իրաւաբանական բաժինը: Ուսման նուիրուած այդ ժամանակը շատ կարճ տեւեց սակայն: 1988-ին բռնկեցաւ արցախեան պահանջատիրական շարժումը եւ 22-ամեայ համալսարանականը, իր սերունդի «լաւագոյն տղերք»-ի օրինակով, ամբողջապէս նուիրուեցաւ Արցախեան պայքարին` հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման մերօրեայ շղթայազերծումին յառաջամարտիկներէն դառնալով: Շարժման առաջին իսկ փուլերէն Վարդան ճանաչում ու յարգանք նուաճեց ոչ միայն ազատամարտիկ իր ընկերներուն, այլեւ ժողովրդային շրջանակներուն մէջ: Իր կենդանութեան իսկ դարձաւ բառին բուն իմաստով առասպելատիպ հերոս:

Նոյնինքն ազերի նախայարձակներուն կողմէ անմիջապէս «Դուշման» մակդիրը ստացաւ Վարդան Ստեփանեան` ռազմի ճակատներուն վրայ իր քաջագործութեանց եւ մարտունակութեան համար:

Արցախեան իր գործունէութեան սկզբնական փուլին իսկ Վարդան միացած էր Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին, եւ գաղափարական այդ պորտակապը մղում տուաւ Դուշմանի հերոսական երթին: Արժանաւորապէս մարմնաւորեց ֆետայական խոյանքը արցախեան Ազատամարտին` Նիկոլ Դումաններու եւ Հրայր Դժոխքներու հարազատ ժառանգորդն ու մերօրեայ կենդանի մարմնաւորումը դառնալով: Ֆետայական այդ ներշնչումով ալ Դուշման չէր ծամծմեր բառերը, երբ ընդվզումով կը խարանէր պարտուողականութիւնը իր սերնդակիցներուն.

«Ամօթ է այն երիտասարդների համար, ովքեր գնում են Ռուսաստան եւ դառնում այնտեղ հնոցապան կամ մեխանիկ: Թուրքիան մեր դարաւոր թշնամին է, ո՞վ պէտք է դառնայ զինուոր կամ սպայ, ո՞վ պէտք է կռուի»:

Դուշման միայն 26 տարի ապրելու բախտ ունեցաւ. երիտասարդական իր լաւագոյն չորս տարիները` 1988-1992, նուիրաբերեց հայ ժողովուրդին եւ Արցախի ազատագրութեան: Քառամեայ այդ հերոսապատումը նաեւ արձանագրուած է համապատասխան գրականութեամբ, եւ Դուշման այն ազատամարտիկներէն է, որուն մարտական կենսագրութիւնն ու մտածողութիւնը բաց եւ յաւերժ ուսանելի գիրք են հայոց սերունդներուն համար: Նաեւ` մարտական իր ընկերներուն կողմէ յղացուած երգերով եւ տեսանիւթերով անմահացան գործն ու կերպարը Վարդան Դուշմանի, որուն մօտ հայրենի հողին պաշտամունքը անհուն եւ անսահման էր: Ինչպէս որ ականատես կենսագիրները կը վկայեն, ձեռքով կը վերցնէր բուռ մը հող եւ կ’ուտէր զայն` պահանջելով, որ նոյնը ընեն նաեւ իր մարտիկ տղաները: Յետոյ կը սկսէր խօսիլ` պատգամելով, որ` «Մեր երկիրը, մեր հողը մեր մայրն է, եւ աշխարհում նրանից աւելի քաղցր բան չկայ: Սիրէք նրան, ինչպէս սիրում էք ձեր հօրն ու մօրը, որովհետեւ մեր հողը մեր բոլորիս ծնողն է»:

Յուշատետրի սիւնակին սահմանափակումը հնրաւորութիւնը չ՛ընձեռեր հոս ներկայացնելու Դուշմանի քառամեայ գործունէութեան եւ մղած հերոսական կռիւներուն առասպելական երկար շարքը: Բայց կարելի չէ չյիշատակել Դուշմանի գործունէութեան վերջին ամիսներու քաջագործութիւնները, որոնք բախտորոշ նշանակութիւն ունեցան արցախեան պայքարի յաղթանակին մէջ:

Կենսագիրները կը պատմեն, որ` «1991-ի հոկտեմբերի 30-ին, «Դաշնակցութիւն» ջոկատի կազմում, որի հրամանատարն էր Աշոտ Ղուլեանը (Բեկոր), Դուշման մասնակցում է ԼՂՀ Հատրութի շրջանի Տող գիւղի ազատագրման մարտերին: Այնուհետեւ Վարդանի ջոկատը մտնում է Քարագլուխ գիւղ, որը ազրպէյճանցիների կողմից իրականացուած «Օղակ» գործողութեան արդիւնքում աւերակ էր դարձել:

«Վարդանի տղերքի յաջորդ յաղթանակը Ստեփանակերտի արուարձան Կրկժանի` ազրպէյճանական ամուր յենակէտի ոչնչացման ուղղուած գործողութիւնն էր` 1992 թուականի յունուարի 22-ին: Կրկժանն ուղիղ կապ ունէր Շուշիի հետ, որտեղից թուրքերն անընդհատ մարդկային ու ռազմական համալրում էին ստանում: Կրկժանի համար մղուող դիրքային մարտերը տեւեցին աւելի քան մէկ ամիս, եւ ահա եկել էր վճռական յարձակման անցնելու պահը: Հայկական գրոհը սկսուեց գիշերը` երկու ուղղութեամբ: Իրականացուած գործողութեան մէջ իրենց մեծ դերն ունեցան Դուշմանի տղերքը` շուրջ 40 կռուողներ: Նրա խումբը յարձակուելով թիկունքից` անակնկալի բերեց ազերիներին: Քարինտակի յաղթանակը դարձաւ հայկական ուժերի առաջին խոշոր յաղթանակը արցախեան պատերազմում:

«Յաջորդ կարեւորագոյն յաղթանակներից էին Խոջալուի կրակակէտերի ոչնչացումը փետրուարի 25-26-ի գիշերը եւ Ստեփանակերտի օդակայանի ու Ստեփանակերտ-Ասկերան ճանապարհների բացումն ու ազատագրումը ազերիներից: Գործողութիւնն իրականացուեց փայլուն կերպով եւ դարձաւ անգնահատելի յաղթանակ ԼՂՀ մայրաքաղաքի ու շրջափակման մէջ գտնուող բնակավայրերի անվտանգութեան ապահովման համար:

«Դուշմանը վստահութիւն էր ներշնչում իր տղաներին: Նրա համոզուածութիւնը, որ հայերը անպայման կ՛ազատագրեն Արցախ աշխարհի պատմական Շուշի մայրաքաղաքը, ոգեպնդում էր տղերքին: Շուշի մտած առաջին հրասայլը «Հայրենիքի անունից սխրանքներ գործել եւ հաւատալ յաղթանակին` ահա սա՛ է մեր ուժի աղբիւրը»: Եւ հայ զէնքի, հայ զինուորի իսկական սխրանքը դարձաւ հնամենի Շուշիի ազատագրումը ազրպէյճանաթուրքական 72-ամեայ գրաւումից: Անառիկ բերդ յիշեցնող Շուշի մտած ստորաբաժանումների մէջ առաջիններից էր Աշոտ Բեկորի գլխաւորած առաջին` դաշնակցական վաշտը, որի մէջ մտնում էր նաեւ Դուշման Վարդանի գլխաւորած խումբը: Մայիսի 7-8-ի գիշերը Շուշիի ուղղութեամբ իրականացուեց հրետանային հուժկու հարուած, որից յետոյ սկսուեց գրոհը: Հարաւից յարձակում գործեցին Նուէր Չախոյեանի այսպէս կոչուած «աֆղանների» վաշտը, ինչպէս նաեւ` Ժիրայր Սէֆիլեանի եւ Աշոտ Խաչատրեանի գլխաւորած գումարտակները: Նոյն ժամանակ գնդապետ Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած ուժերը շրջանցեցին քաղաքը հարաւ-արեւմուտքից` ազատագրելով Քէօսալար, Բաշքենդ, Ջավադլար եւ ուրիշ բնակավայրեր` ընդհանուր առմամբ 17: Շուտով յարձակմանը միացաւ նաեւ Վալերի Չիտչեանի գումարտակը: Սամուէլ Բաբայեանի գլխաւորած ջոկատը Բերձորի կողմից փակեց ազրպէյճանցիների հնարաւոր օգնութեան ճանապարհը»…

Մայիս 1992-ի ամբողջ տեւողութեան Վարդան Դուշման գրոհի մէջ եղաւ` արցախեան ազատամարտիկներու հայրենակերտ մեծ խոյանքին յառաջապահ դիրքերէն: Շուշիի ազատագրումէն ետք հալածեց անարգ թշնամիի տակաւին դիմադրող ուժերը եւ միշտ յաղթանակով պսակեց իր ձեռնարկած գործողութիւնները: Այդ մթնոլորտին մէջ ըսուած խօսք է Դուշմանի այն կանխատեսումը, թէ` «Ես պատերազմին շատ եմ պէտք, ինձ գնդակ չի կպչի, իսկ եթէ զոհուեմ, միայն դաւադիր ականից կը լինի»: Ինչպէս կ՛ըսեն` մեծերը կը նախազգան գալիքը… Այդպէս ալ եղաւ. Դուշման զոհուեցաւ 1992 թուականի յուլիս 3-ին, Արցախի Միւրիշէն գիւղի մերձակայքը, դաւադիր ականի պայթումին հետեւանքով… երբ իր ընկերներուն` Երոյի (Արմէն Երիցեան) եւ Արայիկի (Արա Ավագեան) հետ մարտական առաջադրանք կը կատարէին ԼՂՀ Մարտունի շրջանին մէջ: Իր կտակն էր` «Եթէ զոհուեմ զինուած, մաքուր հագնուած կը գաք թաղմանս ու գլխիս տակ դաշոյն կը դնէք, որ էն աշխարհում էլ պայքարեմ»:

Վարդան Դուշմանի մարմինը յանձնուեցաւ իր այդքա՜ն սիրելի հողին` Եռաբլուրի մէջ:

Արցախեան ազատամարտի ֆետայական խոյանքը մարմնաւորած անմոռանալի Դուշմանի յիշատակին նուիրուած յուշատետրի այս էջը կ՛արժէ փակել ազգային հերոսի մարտական ընկերոջ` ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի կողմէ Վարդան Դուշմանի տուն-թանգարանի յուշամատեանին մէջ արձանագրուած հետեւեալ վկայութեամբ.

«Ես խոնարհւում եմ մեր բոլոր հերոսների յիշատակի առջեւ, որոնց շնորհիւ այսօր հայ ժողովուրդն իր խաղաղ կեանքով է ապրում: Ես խոնարհւում եմ Վարդանի ոգու առջեւ, որ այսօր էլ սփռւում է Հայաստանով մէկ եւ դաստիարակում մատաղ սերնդին, եւ խոնարհւում եմ մայրերի առջեւ` յանձին (Վարդանի մօր) տիկին Զարուհու, որ նրանք պահպանում ու բազմապատկում են հերոսների սխրագործութիւնը»:

Ն.

Գրքերի աշխարհը

Ծնուել եմ 1966 թ. մարտի 9-ին: Մայրս նուրբ բրդեայ գործուածքների գործարանի (կոմբինատի) գրադարանի վարիչն էր: Այնտեղից էլ նրան ծննդատուն են տարել, որտեղ ծնուել եմ ես, իսկ յետոյ իմ բարուրով վերադարձել է գրադարան` աշխատանքի:

Մանկուց իմ ընկերն ու բարեկամը, սիրելի խաղալիքը գիրքն է եղել: Մայրս օրօրոցիս դիմաց կախել էր Չարենցի նկարը, եւ ես հայեացքս միշտ նրա վրայ եմ պահել ու կարծես զրուցել նրա հետ: Երբ լեզուս բացուել է, սկսել եմ նրա մասին պատմել, թէ նա մեր հողերը ուզեց, չտուեցին, մահացաւ: Կարդացել եմ գրադարանի գրքերի հիմնական մասը: Պատմավէպերը գրաւել են ինձ դեռ տարրական դասարանից: Մի խօսքով, մանկութիւնս անցել է գրքերի հեքիաթային աշխարհում: Չարենցի «Օ՜հ, գրքերի աշխարհը տիեզերք է անեզր…» բանաստեղծութիւնը կարծես ինձ համար է գրուած:

Գրադարանը մեզ համար նաեւ խաղասրահ էր: Ես եւ քոյրս կռիւ-կռիւ էինք խաղում: Գրադարակները մեր դիրքերն էին, իսկ մենք ազատագրում էինք «գերուած» գրականութիւնը:

Մանկութեանս յիշողութիւնները վերականգնելիս անմիջապէս գրքերի իւրայատուկ հոտն եմ զգում եւ մտքով յայտնւում եմ գրքերի խորհրդաւոր աշխարհում: Տարածութեան վրայ հոտառութեամբ կարող եմ գտնել գրադարանները, որովհետեւ իմ մանկութեան հոտը կայ բոլոր գրադարաններում:

Գրքերի համար ցաւ եմ զգացել 1988 թ. աւերիչ երկրաշարժից յետոյ, երբ փրկարարական աշխատանքներ էինք կատարում Լենինականում (Գիւմրի): Մարդկային կորուստն այնքան էր, որ գրքերի մասին մտածող չկար: Դրանք անխնամ ընկած էին ցեխի ու կեղտի մէջ: Մի քանի անգամ վերցրի մի գիրք, որը հայ հին ճարտարապետութեան մասին էր եւ բարձր տեղ դրեցի, սակայն յետոյ տեսայ խարոյկի մէջ` այրուելիս: Չէի կարող վերցնել եւ դնել իմ պայուսակում, որովհետեւ ինձ չէր պատկանում, բայց մինչեւ հիմա ցաւ ու ափսոսանք եմ զգում ցեխի մեջ տրորուած եւ այրուած գրքերի համար:

Իսկ հիմա այստեղ` Արցախում եմ ականատես լինում գրքերի նկատմամբ վայրագ վերաբերմունքի: Զինուորի դէմ կարելի է կռուել, սակայն գրքերը այրելը, ոչնչացնելը խօսում է բարբարոսութեան մասին: Պէտք է յարգել թշնամու մշակոյթը:

Ազերիները իրենց զայրոյթը թափել են Խնձրստանի դպրոցի գրադարանի վրայ` այրելով այն: Մօրս խնդրել եմ` գրքեր հաւաքի, որ տեղափոխենք Խնձրստան, վերականգնենք գրադարանը, որովհետեւ այս դպրոցում հայ երեխաներ պէտք է կրթուեն, իսկ մարդը կրթւում է գրքերի աշխարհում, դաստիարակւում է այդ գրքերով, նրա հայրենասէր կերպարներով: Իւրաքանչիւր լաւ գիրք վարձատրութիւն չպահանջող մէկ ուսուցիչ է: Սիրուց ծնուած գրքերը պէտք է պահպանել սիրով:

Վարդան Ստեփանեան – Դուշման

1966թ.մարտի 9-ին ծնուեց արցախեան պատերազմի հերոս, լեգենդար Դուշման Վարդանը

1966թ. մարտի 9-ին Երեւանում ծնուեց Արցախեան պատերազմի հերոս, լեգենդար Վարդան Ստեփանեանը (Դուշման Վարդան):

1984թ. կամաւոր ծառայութեան է անցել Աֆղանստանում: Զօրացրուելուց յետոյ Դուշմանը ընդունւում է ԵՊՀ իրաւաբանական բաժանմունք: արցախեան պատերազմի առաջին տարիներին համագործակցել է Հայ դատի ռազմական թեւի հետ: Ընկերոջ` Արմէն Երիցեանի հետ ստեղծել է ռազմական «Ասպետ» դպրոցը, որտեղ պատրաստւում էին Արցախ մեկնող ֆետայինները:

«Դուշման» մականունը նրան տուել էին թուրքերը, որոնց դէմ կռւում էր, եւ որոնց սարսափ էր ներշնչում: Դուշմանը մասնակցել է Իջեւանի եւ Նոյեմբերեանի շրջաններում տեղի ունեցող մարտերին, այնուհետեւ անցել է Արցախ, որտեղ մասնակցել է Բադարա եւ Ասկերանի շրջանի Դագրաւ գիւղերի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպմանը: 1991թ. հոկտեմբերի 30-ին Դաշնակցութեան ջոկատի կազմում, որի հրամանատարն էր Աշոտ Ղուլեանը (Բեկոր), մասնակցել է ԼՂՀ Հադրութի շրջանի Տող գիւղի ազատագրման մարտերին:

Վարդանի տղաների յաջորդ յաղթանակը Ստեփանակերտի արուարձան Կրկժանի` ազրպէյճանական ամուր յենակէտի, ոչնչացման ուղղուած գործողութիւնն էր 1992թ. յունուարի 22-ին: Քարինտակի յաղթանակը դարձաւ հայկական ուժերի առաջին խոշոր յաղթանակը Արցախեան պատերազմում:

Յաջորդ կարեւորագոյն յաղթանակներից էին Խոջալուի կրակակէտերի ոչնչացումը փետրուարի 25-26-ի գիշերը եւ Ստեփանակերտի օդակայանի ու Ստեփանակերտ-Ասկերան ճանապարհների բացումը:

1992թ. յուլիսի 3-ին Արցախի Միւրիշեն գիւղի մօտակայքում իր ընկերների` Երոյի (Արմէն Երիցեան) եւ Արայիկի (Արա Աւագեան) հետ մարտական առաջադրանք կատարելիս զոհուեց դաւադիր ականից:

Վարդան Ստեփանեանի մարմինը հողին է յանձնուել Եռաբլուրում: Յետմահու պարգեւատրուել է «Մարտական խաչ» առաջին կարգի շքանշանով: 2009թ. յուլիսի 3-ին Միւրիշէն գիւղում, այնտեղ, որտեղ զոհուել էր Վարդանը, կանգնեցուել է յուշարձան:

 

Սպիտակի Երկրաշարժը, Ջաւախքը, Մարդը…

$
0
0

Գրեց` ՎԱՀԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

1988 թ. Սպիտակի ողբերգական երկրաշարժը ալեկոծեց բոլորին, եւ աղէտից տուժած մեր հայրենակիցներին ժամ առաջ օգնութեան հասնելու գաղափարը դարձաւ համազգային գերխնդիր: Խորհրդային բանակից նոր  զօրացրուած քսաներկուամեայ Սամուէլ Սերոբեանը եւ իր երկուորեակ եղբայր Արարատը եւս 1988 թ. դեկտեմբերեան մղձաւանջային օրերին Ջաւախքի ծայր հիւսիսում գտնուող իրենց հայրենի Ազաւրեթ գիւղից շատերի նման,  մեկնեցին Լենինական (Գիւմրի-Յ.Մ.) եւ որոշ ժամանակ անց, շատերի նման, ցնցուած վերադարձան տուն: Ինչպէս Սամուէլն է վկայում, տուն վերադառնալիս անգամ հացի փող չեն ունեցել եւ ճանապարհին կերել են այդ ժամանակ Ախալքալաքում յայտնի «չփլախ (մերկ) իրիսը»: Իրենց  հետ Գիւմրիից «ուտելու մի բան վերցնելու» մասին շատերի հարցին Սամուէլը կէսկատակ-կէսլուրջ պատասխանել է, որ ինքը շուտով շատ աւելի մեծ բան կը ստանայ աղէտի գօտուց, բայց դա մարդիկ յետոյ կը տեսնեն:

Երկրաշարժի դաժան օրերից  անցել էր չորս տարի: Սամուէլի «ստանալիքի» մասին շատերն էին մոռացել, երբ մի օր գիւղ է ժամանում անծանօթ մի «Երազ»: Հինգ-վեց հոգու հետ գիւղ էր ժամանել նաեւ գեղեցկադէմ մի կին: Ազաւրեթցիների յիշողութեան մէջ մինչ օրս մնացել են անծանօթուհու նախշազարթ ցանցաւոր ձեռնոցները, ինչն առանց յուզմունքի չեն կարողանում նկարագրել: Անծանօթ հիւրերը գիւղի աշակերտներից մէկին նկարագրում են երկուորեակ եղբայրներին, հարցնում նրանց տան տեղը եւ խնդրում կանչել նրանց:

Մութ ու ցուրտ, խառնակ այդ օրերին մի քանի րոպէում գիւղով մէկ տարածւում է անծանօթ մեքենայի եւ «ձեռնոցներով» կնոջ յայտնուելը եւ, մինչ Սամուէլը իր մեքենայով կը հասցնէր մօտենալ նրանց, որոշներն արդէն շրջապատել էին հիւրերին: Տեսնելով մօտեցող Սամուէլին` անծանօթ կինը ճչալով մատնացոյց է անում  նրան` ահա՛ նա:  Զարմացած եւ քարացած  համագիւղացիները երկար ժամանակ չէին կարողանում հասկանալ, թէ ինչ է տեղի ունենում իրենց աչքի առաջ: Սամուէլը եւս, իր հերթին ընդառաջ վազելով եւ գրկելով խորհրդաւոր  անծանօթուհուն, երկար ժամանակ չէր կարողանում զսպել յուզմունքը.

– Մէջքդ ո՞նց է, Ծովինա՛ր:

– Լա՛ւ…

– Ձե՞ռքդ:

– Ձեռքս էլ, ահա՛…

Ողջագուրուելուց  եւ միմեանց կարճ հարցուփորձից յետոյ Սամուէլն ի վերջոյ  հետաքրքրասիրութիւնից  վառուող համագիւղացիների սեփականութիւնն է դարձնում այն ամէնը, ինչը տեղի էր ունեցել շուրջ չորս տարի առաջ, մինչ այդ անմիջապէս գառ է մորթում եւ բոլորին հրաւիրում խնճոյքի.

– Ծովինա՛ր ջան, բայց ախր ձեռքդ պեթոնի տակ էր մնացել, անգամ մի պահ որոշեցինք կտրել այն, ո՞նց բուժեցիք:

– Է՜, Սամուէ՛լ ջան, ի՞նչ բուժել, պրոթէզ (prosthesis, Յ.Մ.) է դրուած…

***

… Երկրաշարժի ծանր օրերին, ինչպէս նշեցինք, Սամուէլը եղբօր հետ մեկնում է Լենինական (Գիւմրի, Յ.Մ.) եւ ընկղմւում  փլատակների մէջ իրականացուող որոնողա-փրկարարական  աշխատանքների մէջ: Որքան ծանր ու սահմռկեցուցիչ էր այդ աշխատանքը, նոյնքան էլ` պարտաւորեցնող. ամէն րոպէն թանկ էր, ամէն րոպէն` կեանք արժեցող, ամէն պահը` ճակատագրական, քանի որ փրկարարներն ամէն պահի նոր մարդկանց ձայներ էին յայտնաբերում երկաթպեթոնէ սալերի տակից, կիսամեռ, կեանքի վերջին վայրկեաններին կեանք աղերսող:

Սամուէլ Սերոբեան սգաւոր: Լուսանկարուած երկրաշարժէն ուղիղ 40 օր անց:

Մօտենալով փլած շէնքերից մէկին` Սամուէլը լսում է օգնութիւն հայցող կնոջ, իսկ աւելի խորքից` տղամարդու ձայներ: Սկսւում է ծանր ու լարուած աշխատանքը. Սամուէլենց խմբի խնդիրն էր փլատակները փորելով` ժամ առաջ  հասնել կնոջ հետզհետէ նուազող ձայնին: Այնպէս է ստացւում, որ աշխատանքների բերումով տեղաշարժուած շուրջ վեց մեթր երկարութեամբ սալերը փակում են Սամուէլի դուրս գալու ճանապարհը, այդուհանդերձ, պատուիրելով ընկերներին աշխատանքներ տանել դրսից եւ բացել արտաքին աշխարհ ելքի ճամբան, Սամուէլն իր ձեռքի մուրճով եւ երկաթէ սուր կտորով շարունակում է փորել եւ յամառօրէն առաջ շարժուել:

Արդէն երեկոյ էր, երբ Սամուէլը, մէկ շիշ ջուր ձեռքին, իր եղբօր հետ հասել է կնոջ «մահուան խուցը» եւ տեսել երկաթպեթոնէ սալերի եւ դրան միջեւ կիսահորիզոնական դիրքով անշարժացած երիտասարդ կնոջ գլխի հատուածը եւ սալի արանքում մնացած ձեռքը: Կնոջ մարմնի միւս հատուածը մնացել էր սալերի միւս կողմում եւ փրկարարների համար անտեսանելի, որն առաւել դժուարացնում էր նրանց գործը եւ պահանջում ծայրայեղ զգուշաւորութիւն: Կնոջ շուրթերը ջրով ցողելուց յետոյ (ջուր տալն այդ դէպքերում արգելւում է) Սամուէլն իր եղբօր հետ սկսում է  փրկարարական աշխատանքների երկրորդ,  առաւել պատասխանատու փուլը: Հարկաւոր էր մասնատել սալերը: Գործը ե՛ւ դժուարին էր, ե՛ւ պահանջում էր ոսկերչական ճշգրտութիւն. անգամ ամենաչնչին սխալը կարող էր ճակատագրական դառնալ ե՛ւ կնոջ, ե՛ւ իրենց համար:

Երկար ու յամառ աշխատանքներից յետոյ Սամուէլին եւ իր եղբօրն ի վերջոյ երեկոյեան կողմ յաջողւում է ազատել կնոջը սալերի ճնշող ծանրութիւնից, դնել նրան սաւանի մէջ, զգուշօրէն իջեցնել ներքեւ եւ յանձնել սպասող (ինքնաշարժին):

Սամուէլը հետագայում է միայն հասկացել, որ մի քանի ժամ տեւած աշխատանքի ընթացքում կինն անընդհատ նայել է քրտինքի մէջ կորած  իր դէմքին եւ մտապատկերում պահել այն: Իսկ ինքնաշարժի մօտ Սամուէլին է մօտեցել մի մարդ (հետագայում պարզւում է` նշեալ կնոջ հայրը), ում Սամուէլն առանց անուն տալու միայն ասել է, որ ինք Ախալքալաքի Ազաւրեթ գիւղից են, զոյգ եղբայրներ:

Կնոջը փրկելուց յետոյ, ցաւօք, Սամուէլն ու իր ընկերներն այդ օր այլեւս չեն կարողանում շարունակել աշխատանքները եւ մօտենալ Զարզանդ անունով տղամարդու ձայնի ուղղութեամբ, ով եղել է փրկուած կնոջ ամուսինը: Սամուէլ Սերոբեանը պատմում է, որ դեկտեմբերեան կարճ օրը վաղուց աւարտուել էր, իսկ գիշերուայ սառնամանիքին ու մթին որոնողական աշխատանքները դարձել են անհնարին, աւելի՛ն` խիստ վտանգաւոր:

Կրակի շուրջ գիշերելով` առաւօտեան վաղ աշխատանքները վերսկսելու համար գնացել են նոյն ձայնի ուղղութեամբ, որն ինչպէս նշեցինք, նախորդ օրը լսուել է շատ խորքից ու խիստ աղօտ: Սամուէլի ենթադրութեամբ, ամուսինը գտնուել է առաւել դժուարամատչելի վայրում: Ցաւօք, Զարզանդի ձայնը գիշերուայ ընթացքում լռել էր, եւ Սամուէլենց փոքրիկ խումբը իր համեստ գործիքներով այդպէս էլ չի գտնում նրա հետքը…

Ախալքալաք, Ազաւրեթ, երկուորեակ եղբայրներ… Չորս տարի այս խօսքերը հանգիստ չեն տալիս երկրորդ կեանք ստացած Ծովինարին, եւ նա ապաքինուելուց անմիջապէս յետոյ որոշում է ամէն գնով գտնել եւ իր երախտիքի խօսքերն ասել այն անծանօթ երիտասարդին, ով, վտանգելով իր եւ եղբօր կեանքը, տեւական ժամանակ պայքարեց իր կեանքի համար, ջրով ցողելով իր դէմքը` անընդհատ «յիշեցրեց» ապրելու մասին:

Եւ ահա մի օր երախտապարտ կինը հօր եւ հարազատների հետ դուրս է գալիս իր փրկարարի հետքերով եւ հարցուփորձ անելով` հասնում հեռաւոր Ազաւրեթ: Ազաւրեթցիների յիշողութեան մէջ դաջուած նրա ցանցաւոր ձեռնոցները, ինչպէս նշեցինք, ոչ թէ նորաձեւութեան արգասիք էին, այլ` փրոթեզաւորուած ձեռքը ծածկելու միջոց:

Ծովինարի եւ նրա հարազատների ժամանելուց յետոյ ազաւրեթցիները նոր միայն հասկացան, որ երախտագիտութեան այս այցը հէնց այն «շատ մեծ բանն» էր, որի մասին չորս տարի առաջ ակնարկել էր Սամուէլը, ով այն դաժան օրերին «շատ աւելի ուրիշ բաներ » կարող էր ստանալ աւերուած քաղաքից, կարող էր, բայց… «Իմ ամենամեծ նուէրը Ծովինարի այցն էր մեր գիւղ եւ նրան կենդանի տեսնելը: Լենինականցիների այդ քայլը այն բանի ապացոյցն էր, որ ես գնացել էի  ոչ թէ թալանի հետեւից, այլ` կեանքեր փրկելու, ահա դա՛ է իմ ամենամեծ նուէրը, պատիւս, անունս…», այս ամէնը ապրելիս շուրջ երեսուն տարի անց էլ Սամուէլ Սերոբեանի յուզմունքը խեղդում է կոկորդը, եւ նա երկար րոպէներ չի կարողանում խօսել:

Որոշ ժամանակ անց Սամուէլ Մեսրոբեանը այցելում է Ախուրեանի շրջանի Կամօ գիւղ, ուր հայրիկի հետ ապրում էր Ծովինարը: Երբ գիւղ մտնելով հարցնում է Ծովինարի (ամուսնական ազգանուամբ` Յարութիւնեան) տան տեղը,   կամոցիները բարձրաձայնում են. «Ժողովո՛ւրդ- մեր հերոսն է եկել…»:

Ցաւօք, դրան յաջորդած դժուարին տարիներին Սամուէլն այլեւս չի կարող այցելել նրանց, եւ այժմ կապը կտրուած է: Վերյիշելով այս ամԷնը` Սամուէլը շատ կ՛ուզենար կրկին վերականգնել  ջերմ յարաբերութիւններն իր բարեկամների հետ, տեսնել Ծովինարին, նրա հօրը, ով միգուցէ այլեւս կենդանի էլ չէ…

Յունիս 23, 2018

Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերածեց`
Յարութիւն Մըսրլեան

Սպիտակի երկրաշարժը, Ջավախքը, Մարդը…

 

Հապա Ինչո՞ւ Հայկականը

$
0
0

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Վերջին տասնամեակներուն շատ կը խօսուի հայապահպանութեան մասին: Այս սուր խնդիրը լուծելու նպատակով տեղի կ՛ունենան խորհրդաժողովներ, գիտաժողովներ, հանդէսներ, զանազան քննարկումներ, որոնց իբրեւ արդիւնք` տարբեր շեշտ ունեցող եզրակացութիւններու կը յանգին պատասխանատուները, սակայն, իմ կարծիքովս, նախ պէտք է հարցը ճիշդ ձեւով դնենք: Ինչո՞ւ հայկականը: Մենք կ՛ըսենք, որ սփիւռքի մէջ հող չունենալով` մաշելու եւ ձուլուելու մնայուն վտանգի տակ ենք, ճիշդ է, սակայն կայ նաեւ ուրիշ հարց: Ինչո՞ւ շատ յաճախ առանց պայքարի եւ մտածելու ամէնէն դոյզն ճիգին կը յանձնուինք օտար հովերուն` մտայնութեան, լեզուին, կենցաղին, շարժուձեւերուն, ոչ միայն կը յանձնուինք, այլ կը գերադասենք հայկականէն` օտարութեան մէջ տեսնելով պերճութիւն, գերազանցութիւն, հարազատութիւն:

Ինչո՞ւ ամերիկացիները կամ ֆրանսացիները չեն ձգտիր հայ մարդուն նմանելու, հայերէն խօսելու եւ հայոց բարքերը իրենց կեանքին մէջ ապրեցնելու, նոյնիսկ եթէ հայ միջավայրին մէջ ապրած կ՛ըլլան անոնք: Երեւի` որովհետեւ աւելի զարգացած եւ աւելի քաղաքակրթուած կը համարուին մեզի պէս «շունչը սպառած» եւ «մաշած» ժողովուրդէն: Տնտեսական եւ քաղաքական առումով աւելի զարգացած ժողովուրդները, այո՛, սակայն մշակութային առաւելութիւնը մերն է, անկասկած: Պէտք է յիշել, որ կար ժամանակ, երբ այսօրուան յառաջադէմ ժողովուրդները մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան դասեր կ՛առնէին հին Հայաստանէն: Երբ մենք թագաւորութիւն ունէինք, պետական կեանքը հունաւորող համապատասխան կառոյցներով միասին,արեւմտեան քաղաքակրթութեան ներկայացուցիչները անտառներուն մէջ գազաններուն պէս ապրած էին:

Վահրամ Մավեանը իր «Հայու բեկորներ» գիրքին մէջ նկարագրելով Իրլանտայի մէջ գրադարան մը իր այցելութիւնը` կ՛ըսէ. «Գրադարանապետը ցոյց տուաւ 12-րդ դարու ձեռագիր մը` լատիներէն լեզուով եւ կրօնական բովանդակութեամբ: Շուրջը կեցող տարբեր երկիրներէ ժամանած ուսանողները հիացումով եւ զարմանքով նայելով ձեռագիրին վրայ` հարց կու տան, թէ ամբողջ հատորը ձեռքո՞վ գրուած է: Տեսնելով անոնց հիացումը եւ զմայլանքը, ես չհանդուրժեցի այլեւս եւ պոռթկումով ըսի. «Այդ ձեռագիրներէն ե՛ւ աւելի հին, ե՛ւ աւելի գեղեցիկ ու բովանդակալից հազարաւոր հատորներ մենք ունինք, հատորներ, որոնք գրուած էին, երբ ձեր նախնիքները գոյութիւն իսկ չունէին որպէս ազգ»: Բացարձակ ճշմարտութիւնը: Եթէ այսօր Արեւմտեան Հայաստանը բռնագրաւուած է, իսկ մեր ազգի այսօրուան միջնաբերդը` Հայաստանի Հանրապետութիւն փոքր տարածութիւն ունի, ատիկա պատճառ չէ, որ այլեւս գիծ քաշենք մեր ազգի եւ քաղաքակրթութեան վրայ եւ հարազատութիւնը փնտռենք օտարութեան մէջ: Դիւրին չէ սակայն, որ մէկ վայրկեանէն միւսը հոգեբանօրէն փոխուինք: Իբրեւ սփիւռքահայութիւն` մէկ կարեւոր զէնք ունինք մենք զմեզ հայ պահելու եւ գոյատեւելու: Այդ զէնքին անունը պահանջատիրութիւն է: Այնքան ատեն որ պայքարի ոգին վառ է եւ յիշողութիւնը` թարմ, մենք ալ կ՛ապրինք իբրեւ հայ: Սակայն պահանջատիրութեամբ միայն չէ, որ պիտի ապրինք: Կարեւոր դերակատարութիւնը, մշակութային իմաստով, Հայաստանի հայութեան վերապահուած է: Ամէն օր կը խօսուի մեր հայրենիքի տնտեսական եւ ռազմական հզօրացման մասին: Ճիշդ է` ծաղկուն տնտեսութիւնը եւ մարտական կարողականութիւնը պիտի երաշխաւորեն երկրին անվտանգութիւնը եւ կայուն զարգացումը, ինչպէս նաեւ Հայ դատին պիտի նպաստեն: Սակայն առանց մշակոյթի մնայուն զարգացման եւ բիւրեղացման, մշակոյթի մը, որ ազգային երանգ եւ շեշտ կ՛ունենայ, պիտի ունենա՞նք մեր երազելի անկախ Հայաստանը:

Մեր հայրենիքը այսօր բարոյապէս եւ մշակութապէս դեռ անկախ չէ: Ասոր վերջին ապացոյցը երկու ամիս առաջ երկրին մէջ ծայր առած համաժողովրդային շարժումն է, որ մկրտուած է օտարաբոյր

դուխով» անունով: Մի՞թէ հայերէնը մեռած է: Երեւակայեցէ՜ք անհեթեթութեան սահմանը: Վարդանանց շարժման օրերուն հայ ժողովուրդը ինքզինքը շատ աւելի դաժան, անորոշ եւ ճակատագրական պայմաններուն մէջ գտաւ, քան այսօր, ըլլայ քաղաքական, ըլլայ կրօնական-մշակութային առումով, սակայն մեր նախահայրերը, առանց վարանելու կամ իր հզօր դրացիներէն` յոյներէն եւ պարսիկներէն փոխառութիւն կատարելու, հայ ազգի անզուգական զօրավարին` Վարդանին անունին կողքին հայաշունչ «քաջ», ոչ թէ «դուխով», մակդիր դրած են, եւ բոլոր սերունդները այդպէս պիտի յիշեն Մեծ Սուրբը:

Ե՞րբ մեր մէջէն պիտի հանենք ռուսամէտ տրամադրութիւնները եւ արեւմտամէտ նախասիրութիւնները: Ե՞րբ պիտի անկախանանք ոչ թէ ստորագրուած հռչակագիրներով եւ փաստաթուղթերով, այլ` հոգեպէս եւ բարոյապէս: Ե՞րբ Հայաստանի իշխանութիւնը իր թիկունքին ունենալով ժողովուրդը` պիտի յայտնաբերէ, մշակէ եւ ուղեցոյցի պէս հաստատէ սեփական ուղղութիւն-արեւելումը, որ փարոսի նման պիտի լուսաւորէ ճիշդ ճամբէն շեղած եւ խարխափումի մէջ եղող մեր ազգի հարազատ ճանապարհը:

Ժամանակն է այսօր, որ, անկախ տնտեսական եւ քաղաքական խնդիրներ դիմագրաւելու իրականութենէն, Հայաստանը մշակութային իմաստով ամբողջ հայութեան համար սեւեռակէտը դառնայ, որպէսզի միանգամընդմիշտ մեր վրայէն թօթափենք ստորակայութեան ամօթալի զգացումը եւ նախանձով լեցուած` գլուխ չկախենք Ամերիկաններու կամ Ռուսիաններու երիտասարդ մշակոյթներու դիմաց:

Մաշտոցի եւ Պարթեւի պէս սուրբ հսկաները իրենց կեանքերը նուիրեցին հայ ժողովուրդը ինքնուրոյն մշակոյթի ճամբով յաւերժացնելու: Այս վիթխարի աշխատանքը անցեալին կատարուած է, իսկ այսօր մեզի կը մնայ անոնց գծած ճանապարհին վրայ ոտքը դնել եւ քալել, քալել հաստատ ու հպարտ: Մեր մշակութային դարաւոր արժէքները, որոնք, Աստուած գիտէ, որքան ժամանակ փոշիներու տակ մնացած են, պէտք է փոշիէն սրբուին եւ գործածութեան մէջ մտնեն այլեւս: Հայաստանի իշխանութեանց առաջնահերթութիւններէն մէկը պէտք է ըլլայ անյապաղ ձեռնարկել ծաւալուն աշխատանքներու, որոնք ազգային մշակութային վերածնունդը եւ անոր ժողովրդականութիւնը պիտի ապահովեն ու հայութեան անկախացման ընթացքը ամբողջացնեն: Հպարտ պէտք է ըլլանք եւ յարգալից` սեփական արժէքներուն հանդէպ, այն ատեն ուրիշներէ կը յարգուինք եւ կը ճանչցուինք: Ի դէպ, Վահրամ Մավեանը կը շարունակէ. «Երբ դուրս ելանք գրադարանէն, գրադարանապետը քիչ առաջուան պոռթկումիս անդրադառնալով` ըսաւ. «Ուրեմն հայ էք»:

Այսօր մեր պարտքն է անզիջելի սկզբունքի վերածել հայկականութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի օր մը, մշակութային ձեռնարկի մը օտարներու ներկայութեան եթէ պոռթկանք, բոլորը գիտնան, որ հայ ենք:

 

 


Անդրադարձ. Չքացնել Ուրուականը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

1 յուլիսին Միջազգային եւրասիական շարժումի, Իզպորկեան ակումբին նախաձեռնութեամբ բացումը կատարուեցաւ «Կովկասի մէջ Ազրպէյճանը Ռուսիոյ միակ դաշնակիցն է» խորհրդաժողովին, որուն կազմակերպիչը Միջազգային եւրասիական շարժում կազմակերպութեան նախագահ Ալեքսանտր Տուկինն էր: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները մատնանշեցին, որ խորհրդաժողովը տեղի կ՛ունենայ «ապրիլեան մարտերուն իբրեւ հետեւանք հայկական բռնագրաւումէն ազատագրուած Ջոջուկ Մարճանլի գիւղին մէջ»: Խորհրդաժողովի ծիրին մէջ յայտնի ռազմական փորձագէտ Մաքսիմ Շեւչենքոյէ, «Ռաշա Թուտէյ»-ի յառաջատար մեկնաբան Ալեքանտր Պոնտունովէ, Ռուսիոյ իշխող Միասնական Ռուսիա կուսակցութենէն երեսփոխան Ալեքսէյ Եզուպովէ, Տումայի կոմիտէի նախագահի տեղակալ Տմիթրի Սաւելեւէ, Տումայի նախագահի օգնական Վլատիսլաւ Քալխիտովէ եւ ինքնին տխրահռչակ Տուկինէ եւ ուրիշներէ բաղկացած ռուսական պատուիրակութիւնը այցելեց 2016-ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին ազրպէյճանական ուժերու վերահսկողութեան տակ անցած Լելէ Թեփէ բարձունքին վրայ տեղակայուած ազրպէյճանական դիրքեր:

Բազմաթիւ փորձագէտներ եւ մեկնաբաններ փորձեցին մեղմացնել դէպքին լրջութիւնը` նշելով, որ այդտեղ հնչած ազրպէյճանամէտ յայտարարութիւնները չեն համապատասխաներ Ռուսիոյ պաշտօնական դիրքորոշումին: Այդ պնդումը միայն առերեւոյթ ճիշդ է, եւ ոչ` իրողապէս. Քրեմլինի մօտիկ անձնաւորութիւններէ կազմուած ռուսական պատուիրակութեան մը մասնակցութեամբ խորհրդաժողովին խորագիրը, խորհրդաժողովին համար ընտրուած վայրն ու Լելէ Թեփէ բարձունք այցելութիւնը հայկական կողմին յղուած յստակ զգուշացումին եռակի ընդգծումն են:

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 11-12 յուլիսին պիտի այցելէ Պրիւքսել: Ռուս ռազմական փորձագէտ, ԱՊՀ երկիրներու հիմնարկի տնօրէնի տեղակալ Վլատիմիր Եւսիեւ «Ռուսարմինֆօ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Արեւմուտքի երկիրներու, ՕԹԱՆ-ի հետ Հայաստանի կապերու ընդլայնումը եւ մասնաւորաբար Հայաստանի վարչապետին ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին մասնակցութիւնը «լրջօրէն կը մտահոգեն Ռուսիան»` աւելցնելով. «Ինծի կը թուի, որ եթէ Հայաստանին այդքան կը մտահոգէ ռուս փորձագէտներու այցելութիւնը Ազրպէյճան, ապա անոր պէտք է անհանգստացնէ նաեւ այն, թէ արդեօք չափազանց լուրջ չի՞ համագործակցիր ՕԹԱՆ-ի հետ` իր խաղաղարարները ուղարկելով դաշինքի գործողութիւններուն եւ մասնակցելով «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագիրին»: Սակայն Հայաստանը նոր չէ, որ այդ ամէնը կը կատարէ, ուստի հարցը կը վերաբերի Երեւանի նկատմամբ Մոսկուայի վստահութեան փոփոխութեան:

Մոսկուան չի վստահիր վարչապետ Փաշինեանին ու անոր թիմին, եւ չէ համոզուած աշխարհաքաղաքական արեւելումի վերաբերեալ անոր կատարած յայտարարութիւններով: Ստեղծուած է խիստ վտանգաւոր կացութիւն մը, ուր ազատ արձակուած է 13 յունիս 1992-ի` Շահումեանի կորուստի ուրուականը: Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հակառուսականութեան պատճառով Քրեմլինի` մեզի դէմ որդեգրած պատժական տնօրինումներուն իբրեւ հետեւանք, մենք ո՛չ միայն Շահումեանը կորսնցուցինք, այլ նաեւ Հատրութի եւ Մարտակերտի գիւղերը, մեր դէմ շղթայազերծուեցաւ «Օղակ» գործողութիւնը: Մօտիկ անցեալին Հայաստանի Ա. նախագահի թիմէն եղած Հայաստանի ներկայ վարչապետը պէտք է դասեր քաղէ անցեալի դառն փորձառութենէն եւ չքացնէ ռուսական կողմին մօտ գոյութիւն ունեցող տեղի կամ անտեղի եղող, սակայն խիստ վտանգաւոր այն տպաւորութիւնը, թէ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները հակառուս են:

 

 

Ակնարկ. Յուսադրիչ, Բայց Ոչ Բաւարար

$
0
0

Լիբանանեան քրիստոնեայ քաղաքական գլխաւոր ուժերու ներկայացուցիչներուն միջեւ խորհրդակցութիւնները եւ անոնցմէ անդին անցնող նաեւ կառավարութեան ձեւաչափին մասին քննարկումները յուսադրիչ նախանիշեր են կառավարութեան կազմութեան ոդիսականի աւարտին:

Յուսադրիչ, բայց ոչ բաւարար անշուշտ, քանի որ պարզ է, որ քրիստոնեայ համայնքը բաղկացնող գլխաւոր ուժերու եւ երեսփոխանական պլոքներու միջեւ կայացած համաձայնութիւնները պէտք է ստանան միջհամայնքային եւ ատով նաեւ համալիբանանեան տարողութիւն:

Լիբանանեան ուժերու առած  նախաձեռնութիւնը մէկ կողմէ կը ձգէ այն տպաւորութիւնը, որ փոխզիջումնային սկզբունքով, առանց նախապայմաններու եւ կտրուկ մերժումներու համախոհական մթնոլորտի մէջ կը միտի ձեւաւորել կառավարութիւնը, միւս կողմէ քաղաքական ընթերցումով գնդակը միւս համայնքներու դաշտ ուղարկելու իրատեսական մեկնաբանութեան դուռ կը բանայ:

Իսկ ահա միւս կիսադաշտին մէջ խաղի կանոնները կը բարդանան: Եթէ պահ մը զանց առնենք համայնքային դրութիւնը եւ հեռակառավարման վարկածը, ապա գործընթացը աւելի հեզասահ տեսնելու նախադրեալները պիտի նկատենք: Քաղաքական ըմբռնողութեան յուշագիր ստորագրած խորհրդարանական երկու մեծագոյն խմբակցութիւնները  քաղաքագիտութեան տարրագոյն կանոններով կրնան կազմել կառավարութիւն եւ ապա մշակել ծրագիր եւ ստանալ խորհրդարանի վստահութեան քուէն: Խօսքը կը վերաբերի Ազգային ազատ հոսանքի եւ Հըզպալլայի խորհրդարանական խմբակցութիւններուն:

Բնականաբար այսքան պարզ չէ գործընթացի տրամաբանութիւնը. միջհամայնքային համընդհանուր համաձայնութիւնը խոչընդոտող արտաքին ազդակներ կան: Այդ գործօնները  նախ եւ առաջ տարածաշրջանային գործընթացներուն հետ կրնան կապուած ըլլալ:

Մանրադիտակը հեռացնելով Լիբանանի քաղաքական հրապարակէն եւ լուսարձակները կեդրոնացնելով աշխարհագրական անմիջականութեան վրայ, նկատենք, որ ռազմաքաղաքական աշխուժութիւն կ՛երեւի դրացի Սուրիոյ եւ այս պարագային անոր հարաւային հատուածին վրայ:

Երկարապատում վերլուծաբանութեան պէտք չկայ այնտեղ տեսնելու համար ռուս-ամերիկեան լուռ հասկացողութիւն մը` սուրիական կառավարական ուժեր հարաւային շրջան տեղակայելու եւ այդ առաջադրանքին համար ճանապարհ հարթելու համար:

Այդ կը նշանակէ մինչ այժմ այնտեղ գտնուած Հըզպալլայի ուժերու հեռացումը շրջանէն: Այս լուռ հասկացողութենէն անմասն չէ նաեւ Անգարան, որ մերթ առանցք պահելու, մերթ իր քայլերով ռազմավարական գործընկեր մեկուսացնելու գործողութիւններուն աշխուժ մասնակցութիւն կ՛ունենայ:

Հըզպալլան անշուշտ որքան իրանեան խաղաթուղթ նկատուի, նոյնքան նաեւ Լիբանանի կայունութիւնը երաշխաւորող գլխաւոր երաշխիք է: Եւ բնականաբար հիմնական յենասիւն բոլոր կառավարութիւններու ձեւաւորման համար:

Խնդիրը տարածաշրջանային նշանակութիւն ունի այնքանով, որքանով այսօր փորձ կը կատարուի իրանեան յենասիւները չէզոքացնելու: Պատժամիջոցներէն մինչեւ վառելանիւթի արտահանման դէմ դրուած արգելքը եւ տնտեսական ճգնաժամի շահարկումով ներիրանեան խլրտումներ յառաջացնելը աշխարհաքաղաքական ընդհանուր քաղաքականութեան բաղադրիչներ են:

Միաժամանակ սակայն դժուար է չնկատելը Թեհրանի ազդեցութեան գօտիները Իրաքի, Պաղեստինի, Սուրիոյ, Քաթարի, Արաբական ծոցի տարբեր երկիրներու մէջ եւ յատկապէս ներքին հսկայական պաշարներու արդիւնաւէտ օգտագործումով պատժամիջոցներու ազդեցիկութիւնը նուազեցնելու պետական քաղաքականութեան շարունակութիւնը:

Վերադառնանք Լիբանանի քաղաքական հրապարակ եւ դարձեալ տեսնենք, որ ներքրիստոնէական ու լեռնալիբանանեան համախոհութեան, նախագահ-վարչապետ աշխուժ երկխօսութիւններու եւ հասարակ յայտարարներու յանգելու նկրտումները համալիբանանեան տարողութիւն ապահովելու համար այլ անհրաժեշտ փուլեր ունին թեւակոխելիք տակաւին: Այստեղ արդէն ոչ թէ մեկուսացման, այլ համագործակցութեան եւ միջհամայնքային համագոյակցութեան իրողական երեւոյթները բաւարարէն աւելի անհրաժեշտ հրամայական են կառավարութեան կազմութեան եւ պետութեան բնականոն ընթացքի ապահովման համար:

«Ա.»

Ակնարկ. Երկու Հիմնովին Տարբեր Բանաձեւեր Եւ Համատեղուող Մօտեցումներ

$
0
0

Եւրոպական խորհրդարանը կողմ քուէարկած է Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիրին եւ Եւրոպական Միութիւն – Հայաստանի Հանրապետութիւն յարաբերութիւններուն վերաբերող բանաձեւին:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին, վերջին զարգացումներուն, յատուկ ուշադրութեան արժանացած է իշխանափոխութեան խաղաղ եւ սահմանադրական բնոյթը, կարեւոր նկատուած է Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու ներառական ընթացակարգի ապահովումը, ընդդիմութեան ներգրաւուածութիւնը բարեփոխումներու հոլովոյթին եւ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի յանձնարարականներու կատարումը: Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է հաւանական  ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն ուղարկելու:

Բարձրացուած է նաեւ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման հարցը:

Կարեւոր նկատուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ եւ արագ լուծումը:

Ասոր զուգահեռ, Եւրոպական խորհրդարանը շարք մը պայմաններ ներկայացուցած է Եւրոպական Միութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ համաձայնագիրի կնքումին համար:

Եւրոպական խորհրդարանի հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ ապագայ համաձայնագիրը պէտք է ապահովէ հիմնական ազատութիւնները, ինչպէս նաեւ ենթադրէ պայքար փտածութեան, դրամներու լուացման եւ հարկերէն խուսափելու դէմ: Առանցքային պայմաններէն մէկն է քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը:

Պարզ է քաղաքական ընթերցումը այս երկու լուրերուն: Նախ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ միաժամանակեայ ըլլալը անկախ օրակարգային ընթացակարգի տրամաբանութենէն  յստակ ուղերձ կը փոխանցէ: Բացի այս տարբերութենէն, ուղերձը Հայաստանի Հանրապետութեան ուղղութեամբ դրական է ու քաջալերական, մինչ Պաքուի ուղղութեամբ` պայմանադրական, չըսելու համար բացասական: Յստակացնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան համապարփակ եւ ընդլայնուած փաստաթուղթը քաղաքական արժեհամակարգային եւ որոշ առումով տնտեսական բաղադրիչներ ունի, մինչ Ազրպէյճանի հետ կնքուելիք համաձայնագիրը հիմնականին մէջ տնտեսական բաժին ունի եւ յատկապէս ուժանիւթի խնդիրներու կը վերաբերի:

Այստեղ անշուշտ հիմնական դեր ունեցած են ազրպէյճանական լուացքատան կամ խաւիարային դիւանագիտութեան երեւոյթները, որոնք եւրոպական առումով նման իրաւաքաղաքական գնահատականին արժանացած են:

Ազրպէյճանին վերաբերող բանաձեւը այնքան պայմանադրական է, որ յստակօրէն ու բառացի կ՛ընդգծէ, որ ըմբռնողութեան համաձայնագիրը չի  կրնար ստորագրուիլ երկրի մը հետ, որ չի յարգեր եւ չի ճանչնար Եւրոպական Միութեան դաւանած հիմնական արժէքներն ու իրաւունքները:

Բայց հիմա կեդրոնանանք նաեւ արցախեան հակամարտութեան վերաբերող բանաձեւի հատուածին վրայ, այնտեղ յատկապէս լուսարձակի տակ առնելու այն հատուածը, ուր կը խօսուի պայմանական եւ ողջմիտ յանձնառութիւններու մասին` հակամարտութեան խաղաղ լուծում ապահովելու առաջադրանքով. մասնաւորաբար հրադադարի յարգումի, ԵԱՀԿ-ի 2009-ի հիմնական սկզբունքներու իրականացման եւ Մինսքի խմբակի համանախագահներու ճիգերուն սատարելու առումներով: Բանաձեւը քննադատական տող վերապահած է նաեւ ռազմականացման համար անհամեմատ ուռճացող պիւտճէի երեւոյթին:

Երբ համաձայնագիրի վաւերացման գործընթացը պայմանադրական շեշտադրումներով կը բանաձեւուի, նախապայմանային սկզբունքները այս պարագային քաղաքական ընթերցումով կ՛ընդհանրացուին եւ չեն սահմանափակուիր միայն Եւրոպական Միութեան դաւանած ընդհանուր արժէքներով եւ իրաւունքներով: Այստեղ արդէն ակնկալութիւնը հրադադարի յարգումն է եւ ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափով ձեռնարկուած բանակցային, մշտադիտարկային թէ հետաքննական գործողութիւններու ամբողջական աջակցութեան:

Անկախ դէպի հայկական կողմը դրական-քաջալերական եւ դէպի ազրպէյճանական կողմը բացասական-պայմանադրական բանաձեւային ուղերձներ յղելէ, կայ դիտարկելի կարեւոր երեւոյթ:

Արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուծման համար կիրարկուող եղանակներուն, հրադադարի յարգումին, բացառապէս խաղաղ լուծման եւ ԵԱՀԿ-ի գործողութիւններուն սատար կանգնելու մօտեցումներուն միջեւ յստակօրէն կ՛ընդգծուի Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական խորհրդարան մօտեցումներու համատեղելիութիւնը:

«Ա.»

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Հպարտ Քաղաքացի, Հզօր Պետութիւն

$
0
0

Ճշմարտութիւնը շատերի համար կարող է դառը թուալ: Եւ իրօ՛ք, պատրանքների ու երազների գրկում ապրող եւ պատուհանի քառակուսուց աշխարհին նայող տաք կամ զով սենեակում նստածի համար դրսի սառնամանիքն ու արեւի տապը միեւնոյն է: Նա ապրում է իր կեանքով, իր համար ստեղծած «հրաշք աշխարհում» եւ ձգտում է համոզել միւսներին, որ այս է ճշմարտութիւնն ու վե՛րջ: Ահա նման մտածողութիւն ունեցող մարդկանց համար զարմանալի եւ միգուցէ անսպասելի է Հայաստանում տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, անհաւանական բացայայտումները եւ չարաշահումների յայտնաբերումը:

Հաւանաբար, նախքան վերոնշեալ բացայայտումները, շատերի մօտ կար այն պատկերացումը, որ հասարակութիւնից կտրուած եւ այլ իրականութեան մէջ ապրող մարդիկ վայելում են չտեսնուած կեանք: Սակայն այդ ամէնի բացայայտումն ու բարձրաձայնումը կարող էր ծանր հետեւանքներ ունենալ: Հէնց այդ պատճառով էլ մարդիկ լռում էին եւ իրենց համար ստեղծում իրենց պատուհանն ու աշխարհին նայում այդ պատուհանի քառակուսուց: Այստեղ գործում է մարդկային հոգեբանական բարդոյթներից մէկը` ճշմարտութիւնը բարձրաձայնելու վախը: Ստեղծուած ստում ապրելու քաղցրութիւնն ու յարմարուողականութիւնն աւելի նախընտրելի են` առանց գլխացաւանքի:

Բայց, երբ մի պահ ջարդւում են պատերը, եւ փշրւում են կարծրատիպերը, կարծես թէ անապակ օդի առատութիւնից հեւքի մէջ ես ընկնում:

Այստեղ ազատ քաղաքացի լինելը յաղթում է քաղքենիութեանը, անձնական յարմարուողականութիւնն իր տեղը զիջում է հաւաքական բարօրութեան ձգտմանը, որի անհրաժեշտ պայմանը քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորումն է:

Քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորումով անցնող մառախուղի նման փարատւում են մինչ այս հասարակութեանը լռեցնող եւ պատրանքների մէջ պահող երազները: Ի յայտ է գալիս ճշմարտութեանը բաց աչքերով նայելու իրողութիւնը, որն իր հետ բերում է պատասխանատուութիւն:

Այդ պատասխանատուութիւնը պարտադրում է, որ այլեւս ստի, կեղծիքի, անարդարութեան հանդէպ չլռել: Այս պարտաւորութիւնը տարածւում է հասարակութեան վրայ իշխել ցանկացողի վրայ եւս: Այլ խօսքով, իշխանութիւնը պարտաւորւում է լինել ազնիւ եւ անաչառ, պարտաւորւում է հաշուետու լինել եւ ունկնդրել քաղաքացուն: Միաժամանակ, քաղաքացու ձայնը լսելու համար անհրաժեշտ է ստեղծել հարթակներ, պետական համակարգում գոյութիւն ունեցող կառոյցների գործունէութիւնը դարձնել թափանցիկ, լրատուութիւնը` անկաշկանդ ու անմիջական:

Վերը նշուած բոլոր պայմանների եւ հասարակութեան ու իշխանութեան մէջ գոյութիւն ունեցող կապերի ստեղծումով, երկուստեք ազնուութեան եւ անաչառութեան վրայ հիմնուած մօտեցումների առկայութեամբ եւ ճշմարտութեանն առանց վախի նայելու կարեւորագոյն պայմանը իրականացնելու դէպքում կարող ենք ունենալ հզօր քաղաքացիական հասարակութիւն: Հզօր պետութիւն ունենալու համար իւրաքանչիւր քաղաքացու մօտ պէտք է բարձրացուի պետութեան հանդէպ պարտաւորութեան եւ պատասխանատուութեան զգացումը:

Ահա՛ այն կարեւորագոյն երաշխիքներից մէկը, որով կ՛ունենանք հպարտ քաղաքացի եւ հզօր պետութիւն:

 

Քաղաքական Անդրադարձ. Իսրայէլեան Կանաչ Լոյսով Եւ Ռուսական Օրհնութեամբ Սուրիական Բանակը Կ՛ուղղուի Դէպի Հարաւ

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Զարմանալի չէ, որ Իսրայէլ վերջապէս համոզուեցաւ, թէ որպէսզի իր հիւսիսային շրջանը կայունութիւն ապրի, ապա սուրիական բանակը պէտք է իր հակակշիռին տակ առնէ սահմանային շրջանը: 2011-էն միչեւ մայիս 2018, Իսրայէլ, երբեմն տատամսելով, ամէն ջանք ի գործ դրաւ տկարացնելու նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը: Կ՛ըսեմ` տկարացնել եւ ոչ թէ` տապալել, որովհետեւ եթէ Իսրայէլ այդ մէկը որոշէր, ապա ուղղակի կրնար օժանդակել ընդդիմադիր զինեալ խումբերուն եւ վտանգել Դամասկոսը: Սակայն Իսրայէլի կառավարութիւնը աւելի մեղմ քաղաքականութիւն վարեց` գումակային եւ հետախուզական օժանդակութիւններ տրամադրելով այդ խումբերուն, որ ճնշում բանեցնէ Դամասկոսի իշխանութեան վրայ:

«Հաարեց» օրաթերթին համաձայն (3 յուլիս 2018), Իսրայէլ նախագահ Ասատը կը փափաքի տեսնել երկրի ղեկավարութեան վրայ: Նախ` որովհետեւ նախքան 2011 ան զինադադարէն անդին գացած ու խաղաղութիւն հաստատած էր, եւ երկու երկիրները` Սուրիա եւ Իսրայէլ կարիքը ունին Ռուսիոյ: Ասատ կարիքը ունի Ռուսիոյ, որպէսզի երկրին մէջ խաղաղութիւն հաստատէ, սուրիական բանակն ալ` վերստին վերահսկէ երկրին տարածքներուն, իսկ Իսրայէլ` դիմադրելու համար իրանեան զինուորական ներթափանցումին: Փութին շատ արագ ձեւով կրցաւ Սուրիոյ աշխարհաքաղաքականութիւնը իր քաղաքականութեան պատանդը դարձնել Միջին Արեւելքի մէջ:

Ռուսիոյ համար Իսրայէլի քայլը ողջունելի է. երկու երկիրները զգուշութեամբ կը մօտենային իրանցի զինեալներուն, եւ ռուսական ճնշումով անոնք քաշուեցան դէպի հիւսիս: Իսրայէլի համար ասիկա ընդունելի էր, որովհետեւ սուրիական բանակին մուտքով պիտի հաստատուէր 2011-ի սթաթիւս քոն: Սակայն սուրիական բանակին մուտքը Տարաա` անհանգստացուց Յորդանանի թագաւորը, եւ պաշտօնական աղբիւրներ յայտնեցին, որ այս հարցով անմիջապէս հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան ռուսական եւ յորդանանեան կողմերուն միջեւ:

Չորեքշաբթի Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարը Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ իր ռուս գործընկերոջ` Սերկեյ Լաւրովի հետ: Երկու կողմերը քննարկեցին Սուրիոյ հարաւի իրադարձութիւնները, որոնց պատճառով, ըստ «Պի. Պի. Սի.»-ի (3 յուլիս 2018), մօտ 270 հազար գաղթականներ ուղղուեցան դէպի յորդանանեան սահման: Պէտք է նշել, որ ըստ ՄԱԿ-ի տուեալներուն, արդէն իսկ 650 հազար սուրիացի գաղթականներ արձանագրուած են Յորդանանի մէջ: Հետեւաբար Յորդանանի համար գաղթականներուն հոսքը տնտեսական ծանր կացութեան պիտի ենթարկէ երկիրը:

Յորդանան, որ տարիներէ ի վեր Միացեալ Նահանգներու միջոցով կ՛օժանդակէր սուրիական ընդդիմադիր խմբակներուն, այսօր մինակ մնաց, երբ Ուաշինկթըն յայտարարեց, որ ոչ մէկ օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ զինեալ խումբերուն, որոնք կը գտնուին երկրին հարաւը: Ասիկա մղեց, որ թէ՛ Յորդանանը եւ թէ՛ ընդդիմադիր զինեալ խումբերը բանակցութեան մէջ մտնեն Ռուսիոյ հետ:

Ըստ երեւոյթին, Սուրիոյ հարաւն ալ լուծում մը գտաւ, եւ ռուսական հովանաւորութեամբ եւ իսրայէլեան համաձայնութեամբ սուրիական բանակը մօտիկ ապագային իր հակակշիռին տակ պիտի առնէ հարաւը` հասնելով մինչեւ Կոլանի գրաւեալ տարածքները:

Yeghia.tash@gmail.com

 

Անդրադարձ. Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Կարգ Մը Գերմանացի Եւ Այլ Օտար Զինուորականներու Եւ Անձնաւորութիւններու Դերակատարութիւնը –Դ.

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Գերմանացի զօրավար Ֆրետերիք Ֆրայհըր Քրես վոն Քրեսենշթայն (1870-1948) Ա. Աշխարհամարտին օսմանեան բանակի Կովկասեան ճակատի հրամանատարն էր, նաեւ` Սուրիոյ եւ Պաղեստինի սպայակոյտի պետը (անոր հանդիպեցանք «Հայաստանի անկախութեան առաջին օրերը» յօդուածաշարքի Ա., Դ., եւ Ե. բաժիններուն մէջ (1), (2), (3)):

Այդ ժամանակաշրջանին, երբ ան տարածաշրջանին մէջ կը գտնուէր, հաղորդեց, որ հայերուն նկատմամբ թրքական կառավարութեան կողմէ  իրականացուող քաղաքականութիւնը, իբր թէ` «զինուորական անհրաժեշտութիւն», իրականութեան մէջ քաղաքականութիւն մըն էր «արդարացնելու համար հարիւր հազարաւոր մարդոց սպանութիւնը», գրած է ան: Վոն Քրես նաեւ իր տեղեկագիրներուն մէջ արհամարհական կը նկատէր թրքական իշխանութիւններուն կողմէ հայերու իրավիճակին վերաբերող (թէ` անոնք ապահով են) սուտ տեղեկատուութիւնը:

Ֆրետերիք Ֆրայհըր Քրես վոն Քրեսենշթայն

Օթթօ վոն Լոսսով

Ֆրանզ Քարլ Էնտրեզ

Ան յատուկ կերպով նաեւ նշած է, որ հայ գաղթականներուն օժանդակութիւն տրամադրելու մերժումը` արգելքը, ինքնին ապացոյց է, որ թրքական իշխանութիւնները որոշած էին բնաջնջել հայերը: «Թրքական կառավարութեան (հայերը) սովամահ ընելու քաղաքականութիւնը բացայայտ ապացոյց է թրքական որոշումին` բնաջնջելու հայերը: Հայերուն նկատմամբ թուրքերուն քաղաքականութիւնը յստակօրէն ուրուագծուած, ծրագրուած է:… Թուրքերը ոչ մէկ կերպով  հրաժարած են հայերը ոչնչացնելու մտադրութենէն: Անոնք պարզապէս փոխեցին մարտավարութիւնը: Ուր որ կարելի է, հայերը կը գրգռեն, կը զայրացնեն եւ անոնց հակազդեցութիւնը իբրեւ պատրուակ կը գործածեն` անոնց վրայ նոր յարձակումներ կատարելու» (4):

Վահան Նաւասարդեան «Արամի կեանքից» գրութեան ծանօթագրութեան բաժինին մէջ գերման զօրավարին մասին կ՛ըսէ. «Հետագային միայն, Գերմանիոյ պարտութենէն եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան շարք մը վաւերագիրերու հրատարակութենէն ետք պարզուեցաւ, որ դիւանագէտներու աշխարհին մէջ ի՛նչ բացառիկ ազնուութեան տէր մարդ եղած է վոն Քրեսը» (5): 31 յուլիս 1918-ին (Երեւանէն) «Թիֆլիս վերադարձին, գնացքին մէջ, Արշակ Ջամալեանը (Վրաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դեսպան) մտերիմ զրոյց կ՛ունենայ վոն Քրեսին հետ` Հայաստան կատարած իր առաջին այցելութենէն վերադարձին: Զօրավարը իր կառավարութեան ուղարկելիք հեռագիրը ցոյց կու տայ:

«Այդ հեռագիրին մէջ,- Ջամալեան կը հաղորդէ Երեւանի (Հայաստանի) կառավարութեան,- ան (վոն Քրեսը) զարմանալի հմտութեամբ խտացուցած է այն մտահոգութիւնները, որ դուք արտայայտեցիք մեր առանձին ունկնդրութեան ընթացքին, եւ այդ մտահոգութիւնները (իւրացուցած) կը ներկայացնէ ո՛չ թէ ձեր, այլ ի՛ր անունով: Միայն հեռագիրին վերջաւորութեան ան մեր կառավարութեան անունով կը յայտնէ, որ վերջինս դէմ չ՛ըլլար, եթէ աւստրօ-հունգարական զօրքերը գան Հայաստան: Ես խնդրեցի, որ զօրավարը հեռագիրին մէջ մտցնէ նաեւ Ղարաբաղի զինաթափութեան խնդիրը, որ նաեւ կատարեց: Այդ հեռագիրին մէջ զօրավարը յոռեգոյն արտայայտութիւններով կը խօսի թուրքերուն մասին` անոնց քաղաքականութիւնը բնորոշելով երկու խօսքով` վրդովեցուցիչ  թալան եւ հայ ժողովուրդը սովամահ դարձնելու ձգտում»:

«Նոյն տեսակցութեան ընթացքին վոն Քրեսը Ջամալեանին ըսած է, ի միջի այլոց, նաեւ, որ` «Մեր յարաբերութիւնները տաճիկներուն հետ բաւական վատացան անդրկովկասեան գործերուն մեր միջամտութեան պատճառով: Թուրքերը այս երկիրը իրենցը կը համարեն, ռուսերուն հեռանալէն ետք եւ, յանկարծ, մենք անոնց կ՛ըսենք` «halt!» կա՛ց, բնական է, որ մեր դէմ պիտի լարուին» (6): Թէեւ, 1918-ի ամրան, հայ-վրացական սահմանավէճին իբրեւ Վրաստանի դաշնակից, ան պաշտպանած էր վրացիներուն տեսակէտը:

Օթթօ վոն Լոսսովի հետ միասին վոն Քրես Գերմանիոյ կառավարութեան մօտ Կովկասի հայութեան պաշտպաններէն հանդիսացան:

Գերմանացի զօրաբաժինի զօրավար Օթթօ վոն Լոսսով (1868-1938) 16 յուլիս 1915-1918, մինչեւ  պատերազմի աւարտը, Օսմանեան կայսրութեան մէջ գերման լիազօր զինուորական պատուիրակն էր Կոստանդնուպոլսոյ Գերմանիոյ կայսերական դեսպանատան մէջ: Ան գրած է հետեւեալը. «Թրքական քաղաքականութեան նպատակը, ինչպէս ես վերահաստատեցի, հայկական գաւառներուն տիրանալն ու հայերը բնաջնջելն է»:

– «(Մեհմետ, փաշա) Թալէաթի (օսման ներքին գործոց նախարար) կառավարութեան կուսակցութիւնը կ՛ուզէ բնաջնջել հայերը ո՛չ միայն Թուրքիոյ մէջ, այլ նաեւ` Թուրքիայէն դուրս»:

– «Թուրքերը ձեռնարկած են Անդրկովկասի մէջ հայերու ընդհանուր ոչնչացումին»:

– «Թիֆլիս եկած բոլոր զեկուցումներուն եւ լուրերուն հիման վրայ, կասկած չկայ, որ թուրքերը կանոնաւոր կերպով նպատակադրած են տակաւին ողջ մնացած քանի մը հարիւր հազար հայերը նաեւ բնաջնջել» (4), (7):

Ռաֆայէլ Մենտեզ եւ գիրքը

Ֆրանզ Էնտրեզի գիրքը

Բացատրելով ցեղային մաքրագործումը

Գերմանացի հազարապետ Ֆրանզ Քարլ Էնտրեզ (1878-1954) երեք տարի ծառայեց օսմանեան բանակին մէջ` իբրեւ զօրավար Լիման վոն Սանտըրզի սպայակոյտի պետ: Էնտրեզ ինքզինք «Թուրք ժողովուրդին յատուկ բարեկամ» կը համարէ: Ան իր երկու գիրքերուն մէջ` «Արեւելքի աւերումը» 1919 (Die Ruine des Orients) եւ «Թուրքիա. երկրի եւ ժողովուրդի նկարներ եւ ուրուագիծեր» 1917 (Die Turkei: bilder und skizzen von land und volk) Հայոց ցեղասպանութեան մասին իր տեսակէտը կը յայտնէ եւ իբրեւ եզրակացութիւն` կը հաստատէ, որ մէկ միլիոն 200 հազար հայեր բնաջնջուեցան:

«(Հայերու) Այս տեղահանութիւնները պատերազմի ընթացքին, ուրիշ բան չէին, եթէ ոչ` կազմակերպուած զանգուածային սպանութիւն… Յղի կանայք եւ անմեղ մանուկներ չէին խնայեր»:

«Հաստատապէս, Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, աշխարհի վրայ ոչ մէկ ժողովուրդ այնքան տառապեցաւ որքան հայերը: Աւելի քան մէկ միլիոն 200 հազար հայեր բնաջնջուեցան» (4), (8):

Վենզուելացի վարձկան սպայ Ռաֆայէլ Տէ Նոկալես Մենտեզ (1879-1936), որ կը ծառայէր գերմանական բանակին մէջ, Ա. Աշխարհամարտին կը վարձուի օսմանեան բանակին կողմէ եւ կը մասնակցի Վանի պաշարումին իբրեւ ոստիկանութեան (ժանտարմա) սպայակոյտի պետ: Պատերազմէն ետք ան գրած է «Արկածախնդիր զինուորի մը յուշերը – Ռաֆայէլ Տէ Նոկալես Մենտեզի համաշխարհային մեծ արկածախնդրութիւնները» գիրքը, որուն մէջ ան կը վկայէ պատերազմին եւ անոր հետեւանքներուն հարազատ նկարագրականը: Այդ ժամանակաշրջանին ականատես եղաւ Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան նահանգներու քրիստոնեաներուն սպանդին, որակելով այդ` «քրիստոնեաներու չարդարացուած սպանդներ»:

Ան համոզուած էր, որ այս (հայերուն) սպանդները կը գործադրուէին իր ծառայած 5-րդ արշաւազօրի (թեշքիլաթը մահսուսայի) հրամանատար Խալիլ (Քութ) պէյի կողմէ: Մենտեզ տեղեկագրեց, որ իշխանութիւնները կը նախընտրէին սպանութիւնները գիշերանց կատարել` տեղւոյն քիւրտերուն «օժանդակութեամբ»: Երբ Վանայ լիճի Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին այցելած է, բացայայտած է շատ մը կղերականներու դիակները:

Մենտեզ (Տիգրանակերտ) Տիյարպեքիր կ՛այցելէ` բողոքելու նահանգապետ Մեհմետ Ռեշիտի, որ հետագային իբրեւ «Տիյարպեքիրի դահիճը» ճանչցուեցաւ: Ռաշիտ կը պատասխանէ, որ ուղղակի Թալէաթ փաշայէն (ներքին գործոց նախարար) հեռագիր մը ստացած է, որ կը հրամայէր` հայերը «Այրէ՛, բնաջնջէ՛, սպաննէ՛»:

Մենտեզ կը գրէ. «Արշալոյսին կրակոցներու աղմուկէն արթնցայ: Հայերը աւանին վրայ յարձակած էին (կարծեցի): Անմիջապէս ձիս նստայ եւ քանի մը զինեալ մարդոցմով գացինք տեսնելու թէ` ի՛նչ կը պատահէր: Զարմանքով տեսայ, որ յարձակողները հայերը չէին, այլ նոյնինքը քաղաքացիական իշխանութիւննե՛րը, քիւրտերուն եւ տեղւոյն ամբոխին օգնութեամբ, կը յարձակէին եւ կը թալանէին, կը խորտակէին հայկական թաղամասը: Վերջապէս յաջողեցայ առանց լուրջ պատահարի ուղղուիլ դէպի քաղաքապետարան եւ տեսայ, որ քաղաքապետը անձամբ կը ղեկավարէ սպանդը: Անմիջապէս հրահանգեցի դադրեցնե՛լ ջարդերը: Ան ապշեցուց զիս` պատասխանելով, որ ինք նահանգին ընդհանուր կառավարիչին յստակ հրահանգը կը գործադրէր` բնաջնջել բոլոր 12 տարիքը բոլորած հայ այր մարդիկը» (4)(9), (10): (Ողբերգական ահաւոր տեսարանները, դիակներու եւ բռնաբարումներու նկարագրութիւնը զանց առած եմ): Որմէ ետք, ամբողջովին յուսահատ ու զզուած, Մենտեզ կը հրաժարի այս պաշտօնէն:

Մայքըլ Մանն «Ժողովրդավարութեան մութ կողմը` ցեղային մաքրագործման բացատրութիւնը» գիրքին մէջ վկայակոչելէ ետք Մենտեզի այս յուշագրութիւնը, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորկընթաուի եւ Թալէաթ փաշայի միջեւ տեղի ունեցած հետեւեալ զրոյցը կը մէջբերէ` «Հայաստան, ցեղասպանութիւն» Բ. գլուխին մէջ (էջ 153-179) էջ 154-155. Թալէաթ կ՛ըսէ. «Հայերուն դէմ մեր առարկութիւնը երեք յստակ հիմնաւորում ունի.

Սուլթանին Մորկընթաուին ղրկած կառքը` դեսպանատան առջեւ

Վիլհելմ Բ. Կոստանդնուպոլիս կ՛այցելէ

1.- Հայերը թուրքերուն հաշուոյն իրենք զիրենք հարստացուցած են:

2.- Անոնք վճռած են մեր վրայ տիրապետել եւ ստեղծել անկախ պետութիւն:

3.- Անոնք բացայայտօրէն զօրակցած են մեր թշնամիներուն: Անոնք Կովկասի մէջ Ռուսերուն օժանդակած են, եւ այնտեղի մեր ձախողութիւնը կը բացատրուի իբրեւ անոնց գործունէութեան հետեւանք:

Ուրեմն այս հիմնաւորումներով անփոփոխելի որոշում տուած ենք, պատերազմի աւարտէն առաջ զանոնք անզօր դարձնել»:

Մորկընթաու Թալէաթին կը թախանձէ լրջօրէն նկատի առնել հայերու զանգուածային տեղահանութեան ստեղծելիք տնտեսական աղէտալի հետեւանքները:

Թալէաթ կոշտ կերպով կը պատասխանէ. «Տնտեսական վնասները մեր հոգը չեն… Մենք անով բնաւ մտահոգ չենք… Անատոլիոյ որեւէ վայրի մէջ ոեւէ հայ չենք ուզեր տեսնել: Անոնք կրնան ապրիլ միա՛յն անապատին մէջ եւ ո՛չ մէկ այլ վայր»:

Անշուշտ առանց ունեցուածքի այս կիներն ու մանուկները չեն կրնար գոյատեւել անապատին մէջ, կ՛եզրակացնէ հեղինակը (10):

6 յունիս 1918
(Շար. 4)

—————————————-

(1)  http://www.aztagdaily.com/archives/386524
(2)  http://www.aztagdaily.com/archives/388703
(3)  http://www.aztagdaily.com/archives/389448
(4)  https://en.wikipedia.org/wiki/Witnesses_and_testimonies_of_the_Armenian_Genocide
(5) «Արամը», հրատարակութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան, 1969, տպարան Համազգային, Պէյրութ, էջ 489:
(6)  http://www.aztagdaily.com/archives/389448
(7)  https://en.wikipedia.org/wiki/Otto_von_Lossow
(8)  https://de.wikipedia.org/wiki/Franz_Carl_Endres
(9)  https://en.wikipedia.org/wiki/Rafael_de_Nogales_Mendez
(10)  Mann, Michael (2005).The Dark Side of Democracy: Explaining Ethnic Cleansing. Cambridge University Press. Էջ 154: (Միքայէլ Մանն, 2005, «Ժողովրդավարութեան մութ կողմը` ցեղային մաքրագործման բացատրութիւնը»):

 

Նախիջեւանեան Գործօնը` Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութեան Մէջ

$
0
0

Ա. Ա.

Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան սահմաններուն վրայ ազրպէյճանական դիրքերու ամրապնդման փորձերը բաւական նշանակալից իրադարձութիւն են եւ կը յուշեն Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ հետապնդուող ռազմական նպատակներու մասին, որոնք բարեբախտաբար կը գտնուին Հայաստանի իշխանութիւններուն ուշադրութեան ծիրին մէջ:

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Նախիջեւան այցելութիւնէն ետք նկատելի եղան ազրպէյճանական ուժերու շարժումներ եւ տեղաշարժեր, որոնց ընդհանուր նպատակը քարոզչական չէ, այլ` ազրպէյճանական բանակին մարտունակութեան բարձրացումը:

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը թէեւ ազրպէյճանական մամուլը կը ջանայ ներկայացնել յաղթանակ մը, բնաւ չեղաւ այն, ինչ որ Պաքուի իշխանութիւնները ջանացին վերածել: Այսինքն ոչ մէկ ձեւով նպաստեց ազրպէյճանական բանակին մարտունակութեան ամրապնդման: Ասիկա բաւական լուրջ խնդիր մըն է Ալիեւի իշխանութեան համար, որովհետեւ այսպէս կոչուած ազրպէյճանական տարածքներ գրաւած թշնամիին դէմ կռուելու բարոյահոգեբանական պատրաստութիւնը այնքան ալ նախանձելի մակարդակի վրայ չի գտնուիր:

Ուրեմն կարիքը կար նոր մարտադաշտի մը, որպէսզի ազրպէյճանցի զինուորին համար վերածուէր մղումի եւ խանդավառութեան կիրքեր հրահրող ազդակի մը: Նախիջեւան ասիկա կրնար կատարել` ըստ Պաքուի իշխանութիւններուն:

Եւ ահա յունիս 20-ին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակեց տեսանիւթ մը` Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան մէջ կատարուած գործողութիւններու մասին: Դրուագներէն մէկուն մէջ կը յայտարարուէր, որ հայկական Արենի գիւղը եւ Հայաստանի համար ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեցող մայրուղիին Երեւան- Եղէգնաձոր հատուածը փաստացիօրէն կը գտնուին ազրպէյճանական ուժերուն նշանակէտին տակ: Այս մայրուղին հայկական երկու մայրաքաղաքները` Երեւանն ու Ստեփանակերտը իրարու կը միացնէ ցամաքային ճամբով:

Տեսանիւթին մէջ նաեւ կը յայտարարուէր, որ ազրպէյճանական ուժերը հայկական շուրջ տասնմէկ հազար հեկտար հայկական տարածք գրաւած են եւ տեղակայած` նոր դիրքեր, ինչպէս նաեւ կառուցած են յիսուն քիլոմեթր երկարութեամբ ճանապարհ մը:

Ազրպէյճանական այս յերիւրանքին հակադարձեցին հայկական բանակին եւ պաշտպանութեան նախարարութեան լիազօր մարմինները, թէ`

Առաջին.- Հայկական Արենին եւ մայրուղիին Երեւան – Եղէգնաձոր հատուածը հայեւազրպէյճանական սահմանէն 5200 մեթր հեռու է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ գնդացիրներէ չէ, որ կարելի է կրակի տակ առնել զանոնք, այլ պէտք է մեծ տրամաչափի զինատեսակներ, ինչ որ անպատասխան չի կրնար ձգուիլ, մանաւանդ որ 1400 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող հայկական դիրքերուն անմիջական նշանառութեան տակ գտնուող ազրպէյճանական կրակակէտերը շատ դիւրին հասանելի թիրախներ են:

Երկրորդ.- Այն տարածքները, որոնք ըստ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած տեսանիւթին, գրաւուած հայկական տարածքներ են, խորքին մէջ կը գտնուին ազրպէյճանական ծիրին մէջ եւ բնաւ հայկական տիրապետութեան տակ չեն եղած: Հետեւաբար բաւական ծիծաղելի էր ազրպէյճանական տարածքներ ազատագրելու մասին Պաքուի իշխանութիւններուն պնդումները:

Երրորդ.- Հայկական կողմը յստակացուց, որ բնաւ կրաւորական կեցուածքի մէջ պիտի չմնայ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ սահմանին վրայ ազրպէյճանական ուժերու տեղաշարժերուն նկատմամբ, եւ ասոր իբրեւ ապացոյց` անցեալ շաբաթավերջին հայկական դիրքերէ կրակ բացուեցաւ եւ կանխարգիլուեցաւ ազրպէյճանական ուժերու կողմէ դիրքային ամրապնդման աշխատանքները` Նախիջեւան-Հայաստան սահմանային կէտերու վրայ: Այդ դիրքերէն մէկն ալ ամբողջութեամբ քանդուեցաւ:

Իլհամ Ալիեւ մայիս 16-ին Նախիջեւանի Գերագոյն խորհուրդի նախագահ ՎասիՖ Թալիպովի հետ իր տեսակցութեան ընթացքին կատարեց թելադրանք` զգուշ ըլլալու հայկական կողմի ռազմական գործողութիւններուն հակադարձելու համար: Բայց երկար տարիներէ ի վեր այս ճակատը շատ հանդարտ եւ կայուն էր, եւ զինուորական ոչ մէկ լարուածութիւն ստեղծուած էր: Ասիկա անշուշտ չէր վրիպած Պաքուի իշխանութիւններուն ուշադրութենէն եւ ահա քաղաքական շահագործման լաւ նիւթի վերածուեցաւ` իբր թէ տարածքներու ազատագրմամբ ազրպէյճանական արժանապատուութիւնն ու եսը ամրապնդելու համար:

Եւ հայկական կողմին զգօնութիւնը ձախողութեան մատնեց ազրպէյճանական բաւական միամիտ այս գործողութիւնը:

 

 


Երեւան. «Հայաստան 2018 –Իրողութիւն Եւ Հեռանկարներ» Գիտաժողովը

$
0
0

ԽԱՉԻԿ ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ

Յունիս 22-24 Երեւանի մէջ գումարուեցաւ «Հայաստան 2018 – իրողութիւն եւ հեռանկարներ» գիտաժողովը, որուն կիզակէտն էր Հայաստանի իսկական ներկայի վերլուծումը` զեկոյցներու եւ վիճարկումներու ընդմէջէն: Գիտաժողովը կազմակերպեցին եւ վարեցին Աշոտ Ոսկանեանը (փիլիսոփայութեան դոկտ.) եւ Սիրանուշ Դվոյեաը (գրականութեան դոկտ.):

«Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը աջակցած էր գիտաժողովին, եւ անոր վարիչը` Ռազմիկ Փանոսեանը (քաղաքական գիտութիւններու դոկտ.) ներկայ էր նիստերուն: Ան իր եզրափակիչ խօսքով անդրադարձաւ այն գլխաւոր հարցերուն, որոնք, ըստ իր երկուքուկէս օրուան ունկնդիրի փորձառութեան, կրկին ու նորէն գրաւեցին եւ յուզեցին թէ՛ զեկուցողները, թէ՛ ունկնդիրները: Իմ այս գրութիւնը (որուն պարունակութեան միակ պատասխանատուն ես եմ) կը հիմնուի դոկտ. Փանոսեանի խօսքին, ապա նաեւ իմ եռօրեայ փորձառութեան վրայ:

Հարց մը, որ կրկին ու նորէն յուզեց թէ՛ ունկնդիրները, թէ՛ ալ դասախօս-զեկուցողները «պիտակ»-ի հարցն էր: Ի՞նչ պէտք է կոչել ապրիլ 15 – մայիս 9-ի դէպքերը, որոնք այնքան արագօրէն փոխեցին կառավարութեան դիմագիծը եւ երկրին մթնոլորտը: Յեղափոխութի՞ւն: Ապստամբութի՞ւն: Հեղինակութեան փոխանցո՞ւմ, թէ՞ գրաւում: Եղան բողոքողներ, որոնք հաստատեցին, որ լուրջ չէ «յեղափոխութիւն» կոչել դէպք մը,որ հիմնական դասակարգային ոչ մէկ փոփոխութիւն բերած է (մինչեւ հիմա գոնէ): Կողմնակի խօսակցութիւններ ունկնդրելու ատեն այս տողերը ստորագրողը երկու անգամ լսեց գրեթէ նո՛յն խօսքը. «մէկ ցուցարար չսպաննուեց, մէկ օլիկարխ չգնդակահարուեց, սա յեղափոխութիւն չի»:

Դոկտ. Փանոսեան հաստատեց, որ ներկայիս ի՛նչ ալ կոչենք դէպքերը, որքա՛ն ալ մանր անհամաձայնութիւններ ըլլան, բայց եւ այնպէս ամէն զեկուցող կ՛ընդունէր, որ պատահածը անպայման Հայաստանին տիրապետող համակարգին «հսկայ» փոփոխութիւններ պիտի բերէ, փոփոխութիւններ, որոնց գումարը օր մը թերեւս պատմաբանները «յեղափոխութիւն» պիտի կոչեն: Անժխտելին «նոր ընթացքի մը սկիզբն է», ըսաւ դոկտ. Փանոսեանը:

Ապա ան աւելցուց, որ ինչպէս նախկին խորհրդային  բոլոր երկիրներու մէջ, Հայաստանի մէջ եւս արեւմտեան պետական հիմնարկներ, յատկապէս` ոչ պետական կազմակերպութիւններ, օրինակ` Սորոսի հիմնարկը, 25 տարի միլիոններ ծախսեցին այն յոյսով, որ քաղաքացիական ոգիով օժտուած հասարակութիւն (civil society) պիտի կարենային ստեղծել, որ` անցումային շրջանէ մը ետք պիտի յանգէր արեւմտեան ոճի քաղքենիական ժողովրդավարութեան: Քառորդ դարու փորձերէ ետք իրենց ձախողութիւնը եւ յուսախաբութիւնը ամբողջական եղան ամէնուրեք, եւ արեւմտեան այս կազմակերպութիւնները 2015-էն ի վեր կը փակեն իրենց գրասենեակները: Սակայն կը թուի, թէ Փաշինեանի գլխաւորած շարժումը կրցաւ իրագործել այդ ծրագիրը, կամ գոնէ վճռականօրէն առաւ առաջին քայլը` քաղաքացիական հասարակութիւն մը ստեղծելու:

Այս յաջողութիւնը, այնքան անսպասելի, որ շատերուն «հրաշք» կը թուի, պէտք է վերլուծուի, ըսաւ դոկտ. Փանոսեանը, ոչ միայն Հայաստանի մասնագէտներու կողմէ, այլ նաեւ սփիւռքի եւ մա՛նաւանդ օտար աշխարհի մասնագէտներուն կողմէ` բազմակողմանի եւ յարատեւ (երկ)- խօսութիւններու ընթացքին:

Արեւմուտքի մէջ յաճախ կայացող, այսպէս կոչուած, անցումային (transitional) իրավիճակներու վերլուծումը, որ իր կարգին որոշ իմացական սնանկութիւն մը կը ցուցաբերէ այս վերջին տասնամեակին, պէտք ունի ճանչնալու Հայաստանի վերջին դէպքերը, չակերտեալ յեղափոխութիւնը, որ Սորոսներն ու քաղաքագէտները չյաջողեցան իրականացնել: Ոչ իսկ նախատեսել:

Երկրորդ հարց մը, որ յուզեց թէ՛ զեկուցողները, թէ՛ ալ ունկնդիրները, ըսաւ դոկտ. Փանոսեանը, կատարուած փոփոխութիւններու «ամրապնդումի» հարցն էր: Միակամ շարժող ժողովուրդ մը միակամ չի մնար: Բոլորովին հասկնալի է, որ կայ կուտակուած բարկութիւն` ի դիմաց անարդարութեան եւ ընկերային, կրթական, տնտեսական եւ մշակութային, ապա նաեւ զինուորական ոլորտներու մէջ նշմարուող բացթողումներուն, պատուհան չունեցող դպրոցներէն մինչեւ ուտեստեղէն եւ զգեստ չունեցող զինուորներ, օրինակ: Դոկտ. Փանոսեանը նշեց, որ զեկուցողներէն շատեր խօսեցան «արդարութիւն» յղացքին եւ անցումային արդարութեան մասին: Այսինքն յաջորդ շաբաթներուն, ամիսներուն, թերեւս մէկ տարուան անցումային շրջանին պէտք է կատարել որոշ արարքներ, որոնք ժողովուրդին զգացած «արդարութեան» պահանջը կը գոհացնեն եւ համբերութիւն կը թելադրեն անոր: Միաժամանակ պետութեան դէմքերը եւ այլ ղեկավար անձնաւորութիւններ (եթէ կան) պէտք է ծրագրեն յետանցումային երկարատեւ արդարութիւն ապահովող մօտեցում: Չափազանց բարդ հարց է ասիկա, որուն յատուկ մէկ մեթոտը չկայ, չկայ փաստուած մէկ ձեւ, որ յաջողութեամբ կը պսակուի ամէնուրեք: Հայաստանին դիմագրաւած հարցը մէկ կողմէն ինքնուրոյն է, միւս կողմէն, եթէ իրավիճակը իրօք յեղափոխութեան ընթացք մըն է, կրնայ բան մը սորվիլ ուրիշ յեղափոխութիւններու յաջողութիւններէն եւ (մա՛նաւանդ) ձախողութիւններէն: Դոկտ. Փանոսեանն ալ, այս տողերը ստորագրողն ալ տպաւորուած էին զեկուցողներու կողմէ առաջարկուած մօտեցումներէն` արդարութեան հարցին կապակցութեամբ, արդարութիւն, որ չի կրնար թալանողներու կուտակած հարստութեան նոր թալանի վրայ հիմնաւորուիլ:

Երրորդ, ընդգծեց դոկտ. Փանոսեանը, գոհացուցիչ է, որ իրապաշտութիւնը կը տիրապետէ այս գիտաժողովի վերլուծողներու մօտ, որոնք բոլորն ալ կը հաստատեն, որ փոփոխութիւնները տեղի պէտք է ունենան դանդաղօրէն: Յաճախ հնչեց «կամաց-կամաց» կարգախօսը: Սակայն խոհեմութեան այս ողջունելի թելադրանքը չի լուծեր հարցը: Նախ` կայ «դանդաղօրէն»-ին տրուելիք իմաստը. մէ՞կ ամիս, մէ՞կ տարի, աւելի՞: Կան մարդիկ, որոնք դանդաղութեան սկզբունքայնօրէն համաձայն ըլլալով հանդերձ, կը յուշեն միւս ժողովրդական իմաստութիւնը, թէ` «երկաթը ծեծելու համար պէտք է հարուածել, երբ ան դեռ տաք է»: Ներկայիս այնքան մեծ է Փաշինեանին հմայքն ու վայելած վստահութիւնը ժողովուրդին կողմէ, որ ան կրնայ ընել, «անցկացնել», ինչպէս կ՛ըսուի հոս, շատ խիստ օրէնքներ եւ պարտադրել փոփոխութիւններ. մեծ ընթացքի մը առաջին փուլին կը գտնուի երկիրը: Բայց վեց ամիսէն կամ մէկ տարի անց, երբ անխուսափելի յուսախաբութիւններ, նոյնիսկ ձախողութիւններ տեղի պիտի ունենան, երբ, ինչպէս կ՛ըսեն ամերիկացիք, «մեղրալուսինը աւարտած է», կրնայ շատ դժուարանալ ամէն կողմի հետ համաձայնիլ, թէ ո՛ր փոփոխութիւններուն կարիքը կայ, եւ ապա` զանոնք պարտադրելու: «Յապաղած արդարութիւնը զլացուած արդարութիւն է», կ՛ըսէ ամերիկեան խօսոյթը (justice delayed is justice denied): Եւ արդարութեան հարցը, ինչպէս հաստատեցին երկու տասնեակ վերլուծումներ, բոլորին հարցն է: Շա՜տ շատեր կը պահանջեն, որ թափ-ը չկոտրուի, քանզի զայն վերագտնելը չափազանց դժուար է, եթէ ոչ` անկարելի: Ո՞ր փոփոխութիւնը ամէնէն առաջնայինն է եւ պէտք է ամէնէն շուտ իրականացնել, հարց մը, որ պիտի տրուի կրկին ու նորէն, պիտի մտածուի եւ վերամտածուի, մինչ կը փոխուի հանրային գետնին վրայ տիրապետող իրականութիւնը:

Դոկտ. Փանոսեանը ըսաւ, որ անձնապէս ինք միշտ հակած է Անթոնիօ Կրամշիի յաճախ մէջբերուող նախադասութեան` «Իմացութեան յոռետեսութիւն, կամքի լաւատեսութիւն»: Այսինքն` պահել իրապաշտութիւնը, որ կը նախատեսէ ամէնէն յոռի դէպքերն ու հետեւանքները, սակայն չընկրկիլ, այլ` գործել կամքի լաւատեսութեամբ, հաւատալով, որ գործը, արարքը պիտի փոխէ տիրապետող իրականութիւնը: Եթէ չհաւատանք այս վերջինին, իմացութեան յոռետեսութիւնը կ’անդամալուծէ մեզ: Բայց եւ այնպէս գործելու, արարքի հրամայականը չի՛ ժխտեր «կամաց-կամաց» գործելու, արարելու կարեւորութիւնը: Ինչպէս պատմաբան Ռանըլտ Սիւնին այս հաւաքին ուղղուած իր խօսքին մէջ յիշեցուց մեզի, լենինեան եւ մա՛նաւանդ Հայաստանի մէջ 1920-ին տեղի ունեցած պարտադրեալ յեղափոխութիւնը (Սարգիս Կասեանի, ոչ Ալեքսանդր Միասնիկեանի), արիւնոտ արդիւնքներ ունեցաւ, որովհետեւ Կասեանը չգիտցաւ, թէ ինչպէ՛ս յաջող յեղափոխութենէն ետք պէտք է «կամաց-կամաց» շարժիլ. փրոֆ. Սիւնի իր անգլերէն խօսքին մէջ շեշտադրելով գործածեց հայերէն բառերը:

Աւելցնեմ, որ այս տողերը ստորագրողը, երբ կ՛ունկնդրէր զանազան նիստեր, երկու անգամ իր նոթերուն մէջ սղագրեց սա կրճատումը` Ա6, Փ6-6: Այսինքն, ըստ Հին կտակարանին, Աստուած տիեզերքը վեց օրէն ստեղծեց, իսկ մարդիկ կ՛ակնկալեն, որ Փաշինեանը վեց շաբթուան, վեց ամսուան, կամ վեց տարուան մէջ Հայաստանը պիտի բարեփոխէ: «Ե՞րբ, որքա՞ն ատենէն այս երկրին մէջ արդարութիւնը պիտի տիրէ» հարցը թէ՛ գիտաժողովին, թէ՛ ալ հասարակութեան հիմնահարցը եղաւ:

Չորրորդ հարցը, որ գրաւած էր դոկտ. Փանոսեանին ուշադրութիւնը, «Սփիւռք» հասկացողութեան բաւական դրական փոխակերպումն էր: Թէ` սփիւռքը պարզ ու միաձոյլ չէ, այլ բազմակեդրոն, անդրազգային կառոյց մը, որուն «կեդրոնը» Հայաստանը չի կրնար ըլլալ: Հայաստանի գիտնականներուն մօտ այս հասկացողութեան հասունացումը, ընդգծեց ան, դրական երեւոյթ է, եւ երբեք չ՛ենթադրեր, որ հայրենիքի եւ այլազան սփիւռքավայրերու կապերը պիտի ենթարկուին ընկրկումի կամ խզումի: Սփիւռքահայութեան այն կորիզ-հատուածը, որ ունի «բազմավայր մտածում», ըսաւ ան, մէջբերելով այս տողերը ստորագրողի մէկ խօսքը, պիտի շարունակէ թէ՛ իր նախկին գործունէութիւնը, թէ՛ ալ, հաւանաբար, կրնայ լծուիլ նորայղաց գործունէութիւններու: Եւ վերջապէս, աւելցուց դոկտ. Փանոսեանը, կը նշմարէ, որ սկսած է նոր մտածելակերպ զարգանալ փորձագէտներու մօտ, Ռուսիոյ մէջ ձեւաւորուող, աշխատաւորական եւ գաղթական ցրօնքներու մասին, որոնք սկսած են յայտնուիլ իբրեւ սկզբնական սփիւռքացուող համայնքներ:

Յաջորդ հարցը, որ հասկնալիօրէն կը յուզէր դասախօսներու մասնակցութեամբ գոյացող այս հաւաքը, կրթական հարցն էր: Ակնյայտ է բոլորին, ըսաւ դոկտ. Փանոսեանը, որ կրթական մտահոգութիւնը ընդհանրական է, սակայն զանոնք քննելու յատուկ լեզու չկայ դեռ: Հարցը, ինչպէս միշտ, դրամի հարց է, բայց եւ այնպէս միայն տնտեսական չէ: Այսպէս ըսենք բազմամակարդակային է, նախակրթարաններու, միջնակարգ դպրոցներու, համալսարանական ուսումի հարցերը որքան ալ իրարու կապուած ըլլան, նոյնը չեն: Ինչպէս նշեցին բազմաթիւ անձեր, յատկապէս` փրոֆ. Արա Սանճեանը (Միացեալ Նահանգներ) եւ դոկտ. Հրաչ Պայատեանը (Երեւան), կա՛մ խորհրդային օրերէն մնացած հին դասագիրքերը կը գործածուին, կա՛մ ալ (հայոց պատմութեան պարագային) նոր խմբագրուած դասագիրքեր, որոնց բովանդակութիւնը աւելի գաղափարախօսական է յաճախ, քան` գիտական: Եւ վերջապէս, կայ կրթական ասպարէզ ընտրող ուսանողներու, ուսուցիչներու եւ հետազօտողներու թիւի նուազումի պարագան, որուն կը գիտակցի պետութիւնը, բայց յստակ չէ, թէ ինչպէ՛ս պիտի կարենայ հակազդել:

Վերջապէս, ըսաւ դոկտ. Փանոսեանը, կա՛յ սա հարցը, որուն մասին չխօսուեցաւ այս բեղուն գիտաժողովին. լռութեան, համրութեան հարցը: Ակնյայտ է, որ նոյնիսկ իրավիճակին ամէնէն լաւատեղեակ զեկուցողները կը վարանէին բարձրաձայն խօսելու հակափաշինեան հակահարուածին մասին, որ կրնայ բնաւ տեղի չունենալ, բայց եթէ տեղի ունենայ, նոյնիսկ եթէ չյաջողի, կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ` ապականելով քաղաքական մթնոլորտը: Կայ նաեւ այն մտահոգութիւնը, որ նախ եւ անխուսափելիօրէն նոր կառավարութեան պաշտօնեաներու մեծամասնութիւնը նախկինին պաշտօնեաներն ալ էին. ինչպէ՞ս պիտի գործեն անոնք: Եւ վերջապէս կայ այն կարելիութիւնը, որ նորեկ ղեկավարները ուշ կամ կանուխ կրնան սկսիլ ու մտածել նախկիններուն նման, որքան ալ դրական է ներկայիս իրենց հանդէպ մեր ունեցած արժեւորումը:

Իր եզրափակումի ընթացքին դոկտ. Փանոսեանը անդրադարձաւ «հասարակական դաշինքի» (social contract) գաղափարի զանազան ծալքերու եւ տարբերակներու գոյութեան եւ քննարկումին: Նշեց, որ միայն մէկ դաշինքային միաձայնութիւն կայ Հայաստանի մէջ, ինչպէս ընդգծեցին նիւթը շօշափող բոլոր զեկուցողները. «Ղարաբաղը մե՛րն է»: Այս հարցին կապակցութեամբ Փաշինեանի կողմը կը թուի ըլլալ նոյնքան միակամ, որքան` քոչարեանա-սարգսեանական նախկին վարչակարգը: Ինչպէ՞ս փոխել ամէն ինչ` խարսխուելով այս համաձայնութեան վրայ, անոր հաւատարիմ մնալով, սա պետութեա՛ն համար ալ, ազգի՛ն համար ալ կարեւոր հարցական մը պիտի ըլլայ, ըստ դոկտ. Փանոսեանի, ապա նաեւ` այս տողերը ստորագրողին համար:

«Նոր Յառաջ»

Նոր Գիրքեր

$
0
0
Պետրոս Դուրեան.
«Աստղերու Հեղեղ»

Պետրոս Դուրեան… Արեւմտահայ գրականութեան ամենասիրուած հեղինակը` թերեւս, որուն բազմաթիւ անգամներ տպագրուած գործերը` «Տրտունջք»-ը, «Լճակ»-ը, «Թրքուհին»-ը եւ միւսները գոց կ՛արտասանեն նոյնիսկ անոնք, որոնք հազիւ հայկական դպրոց մը աւարտած են, ապա չեն առնչուած հայ կեանքին: 21 տարեկան ծաղիկ հասակին թոքախտի պատճառով կեանքէն հեռացած կեանքով լեցուն այս բանաստեղծը իր ստեղծագործութիւններով հանդիսացած է հայ գրականութեան զարգացման անկիւնաքարերէն մէկը` բազմաթիւ անգամներ իրաւամբ համեմատուելով համաշխարհային գրականութեան տիտաններուն հետ: Դուրեանի խորունկ զգացմունքայնութիւնը, անհատի նուրբ ապրումները պատկերելու տաղանդը, մահուան` արուեստով յաղթելու հանճարեղութիւնը զինք եզակի հեղինակի մը վերածելու քանի մը ազդակներէն օրինակներ են միայն:

Դուրեանի երկերուն այս նոր հրատարակութիւնը` «Աստղերու հեղեղ»-ը կը բովանդակէ հեղինակին բանաստեղծութիւնները, յօդուածներն ու նամակները` տրուած ծանօթագրական ճոխ տեղեկութիւններով, ինչպէս նաեւ` կենսագրական հարուստ տուեալներով:

Հրատարակութիւնը նախատեսուած է ո՛չ միայն համայնքային դպրոցներու ուսուցիչներուն ու աշակերտութեան համար, այլ նաեւ` բոլոր անոնց համար, որոնց հոգիներէն ներս վառ կը մնայ Պետրոս Դուրեանի հանդէպ սէրը, ինչպէս նաեւ` առհասարակ բանաստեղծութեան նկատմամբ վառ հետաքրքրութիւնը:

Պետրոս Դուրեան ծնած է 20 մայիս 1851-ին, Սկիւտար: Յաճախած է երբեմնի համբաւաւոր Ճեմարանը, զոր աւարտած է 1867-ին: Կ՛աշխատի տարբեր վայրերու մէջ: Այդ տարիներուն կը յօրինէ իր անդրանիկ պատմական թատերախաղը: Հետզհետէ բեմ կը հանուին նաեւ միւս թատրերգութիւնները, որոնց ներկայացումներուն ներկայ կ՛ըլլար անձամբ:

1869-ին Դուրեան ճանաչում կը գտնէ նաեւ որպէս բանաստեղծ ու հրապարակագիր: Կը հրատարակուի «Ձօն առ Հայրիկն Խրիմեան ազգասէր նորընտիր պատ. Կ. Պոլսոյ» բանաստեղծութիւնը:

Պետրոս Դուրեանի մօտ թոքախտը ի յայտ կու գայ 1871-ին: Կը մահանայ 21 յունուար 1872-ին:

Բանաստեղծի մահէն ետք կը տպագրուին իր երկերը, եւ գոյացած գումարով կը կանգնեցուի դամբարանը, 1874-ին: Տապանագիրի հեղինակն է 14-ամեայ եղբայրը` Միհրանը (հետագային` Եղիշէ արք. Դուրեան):

Զապէլ Եսայեան. «Շնորհքով Մարդիկ»
Եւ «Հլուները Եւ Ըմբոստները»

«Արաս» հրատարակչատունը կը շարունակէ գրականութեան մասնագէտներուն եւ ընթերցողներու ուշադրութեան յանձնել Ի. դարու արեւմտահայ գրականութեան տիրական դէմքերէն Զապէլ Եսայեանի ստեղծագործութիւնները: Եսայեանի անդրանիկ` «Սպասման սրահին մէջ» վէպը առաջին անգամ առանձին հատորով տպելէ ետք, «Արաս»ը այժմ այլ հատորով կը ներկայացնէ «Շնորհքով Մարդիկ» եւ «Հլուները եւ ըմբոստները» վէպերը:

Առաջինը` «Շնորհքով մարդիկ»-ը, տպուած է Պոլիս, 1907-ին, «Սագայեան» տպարանէն, իբրեւ «Նշան Պապիկեան» մատենադարանի հրատարակութիւն:

Վէպը կը պատմէ անցեալին ամիրայական վերնախաւին պատկանող պոլսեցի ընտանիքի մը մութին մնացած պատմութիւնը, անոր գաղտնիքները եւ կը բացայայտէ ներքին փտածութիւնը:  Սկիւտարի ու Բերայի մէջ ընթացող պատումը կը հիւսուի Յակոբի ու Զարուհիի շուրջ: Վէպին գլխաւոր կերպարները մարդիկ չեն միայն, այլ նաեւ Պոլսոյ գեղեցկութիւնները` Չամլըճան, Ոսկեղջիւրի ու Վոսփորի տեսարանները: «Շնորհքով մարդիկ» վէպը տպագրուած է նաեւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ, 1959-ին:

Գիրքին մէջ տեղ գտած միւս վէպը կը կոչուի «Հլուները եւ ըմբոստները», որ առաջին անգամ կը հրատարակուի առանձին հատորի մը մէջ: Համիտեան բռնապետութեան շրջանէն պոլսահայ իրականութենէն դրուագ մը պատկերող կիսաւարտ այս վէպը իբրեւ թերթօն նախ տպագրուած է 1906-ին, Լեւոն Լարենցի խմբագրութեամբ Եգիպտոս հրատարակուող «Ազատ Բեմ» հանդէսին մէջ:

Զապէլ Եսայեան գործածած է Շահան ծածկանունը: Վէպէն ընդարձակ հատուած մը հետագային` օսմանեան սահմանադրութեան վերահռչակումի օրերուն, լոյս տեսած է նաեւ «Ձայն հայրենեաց»-ին մէջ, զոր Լեւոն Լարենց սկսած էր խմբագրելու Պոլսոյ մէջ:

Բացի այս վէպերէն` հատորի աւարտին զետեղուած է ֆրանսահայ գրագէտ Գրիգոր Պըլտեանի «Երկու վէպեր» խորագրեալ վերջաբանը եւ բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի մէկ ուսումնասիրութիւնը, ուր ցոյց կը տրուին «Շնորհքով մարդիկ» վէպին պոլսական ու խորհրդային հրատարակութիւններուն տարբերութիւնները:

Զապէլ Եսայեանի նոր հատորը, որուն կողքին վրայ տպուած է Կարապետ Եազմաճեանին մէկ գեղանկարը, հասցէագրուած է դպրոցական բարձր տարիքի պատանիներուն, ինչպէս նաեւ` ընթերցող լայն շրջանակներու:

Զապէլ Եսայեան, բուն անունով` Զապէլ Յովհաննէսեան, ծնած է 1878-ին, Սկիւտար: Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Ս. Խաչ վարժարանին մէջ: Տասնեօթը տարեկանին գացած է Փարիզ եւ հետեւած` Սորպոնի գրականութեան դասընթացքներուն: Այնտեղ ամուսնացած է նկարիչ Տիգրան Եսայեանին հետ: Գրական իր նախափորձերը կատարած է Արշակ Չօպանեանի «Ծաղիկ» եւ «Անահիտ» թերթերուն մէջ: Փրկուած է Մեծ Եղեռնէն` փախչելով Պուլկարիա եւ անկէ անցնելով Կովկաս, ուր տարած է հանրային եւ ազգային կեանքը շահագրգռող աշխատանք: 1920-էն ետք անցած է Եւրոպա: Ազգային գործունէութեան առընթեր, զբաղած է նաեւ գաղթականներու եւ որբերու տեղաւորման հարցերով: 1927-ին կ՛այցելէ Խորհրդային Հայաստան եւ Փարիզ վերադարձին կը հրատարակէ «Պրոմէթեոս Ազատագրուած» հատորը:

1933-ին կը տեղափոխուի Երեւան եւ հոն կը շարունակէ իր գրական գործունէութիւնը: Կը պաշտօնավարէ պետական համալսարանին մէջ` իբրեւ դասախօս, աւանդելով արեւմտեան երկիրներու գրականութեանց պատմութիւն: 1937-ին կ՛աքսորուի` դառնալով ստալինեան բռնութիւններուն զոհը: Հետագային կը յայտարարուի, որ ան մահացած է 1943-ին:

 

Պիզնեսի Եւ Քաղաքականութեան Տարանջատումը Հիմնական Է

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Քաղաքականութեան մէջ բնական է, որ զանազան կուսակցութիւններ ունենան իրենց ընկերային ուղեգիծը` պաշտպանելով տուեալ դասակարգի մը շահերը:

Մարդկութեան պատմութեան ընթացքին յառաջացած են զանազան գաղափարախօսութիւններ, ընկերաբանական եւ փիլիսոփայական տեսութիւններ, որոնք կ՛ընդգրկէին զրկուած դասակարգերու իրաւունքները` ամէն մէկ տեսութիւն առաջարկելով այդ իրաւունքները հետապնդել տարբեր ձեւերով:

Յաճախ տեսութիւնները կը ծառայէին զրկուած, ճնշուած եւ շահագործուած դասակարգին, քանի որ արդէն իսկ գոյութիւն ունէր այնպիսի ընկերային-տնտեսական համակարգ մը (մինչեւ օրս կը գոյատեւէ), որ կը ճզմէր աշխատաւորները եւ կը խլէր իրաւունքները բոլոր անոնց, որոնք սեփականատէր չեն արտադրական միջոցներու:

Ճարտարարուեստականացման առաջին օրէն իսկ արտադրական միջոցներու սեփականատէրերը ընդգրկուած էին քաղաքական ասպարէզին մէջ: Անոնք կը մշակէին այնպիսի օրինագիծներ, որոնք կը նպաստէին միայն իրենց անձնական հաստատութիւններուն ու կը զրկէին աշխատաւոր մեծամասնութիւնը:

Այս երեւոյթը դժբախտաբար մինչեւ օրս տիրական կը մնայ քաղաքականութեան մէջ, մանաւանդ` պահպանողական կուսակցութիւններուն մօտ: Առնենք, օրինակ, Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութիւնը. անոր խմբակցութիւնը ծերակոյտին մէջ միշտ ալ դէմ կը քուէարկէ այն օրինագիծներուն, որոնք հսկողութեան կը միտին ենթարկել մեծ ընկերութիւնները, բարձր հարկեր պարտադրել դրամատուներուն, կամ որոնք դաշնակցային պետութեան հովանիին տակ կ՛առնեն առողջապահութիւնը: Դէմ քուէարկելու պատճառը յստակ է. անոնք չեն ուզեր հարկ վճարել, չեն ուզեր հասարակութեան շահը, այլ` միայն իրենց անձնական շահերը: Անձնական շահերու հասկացողութիւնը սկսաւ աւելի եւս լայն տարածում գտնել 1980-ականներուն, երբ մէջտեղ եկաւ նոր-ազատականութիւնը` իրեն հետ բերելով սեփականաշնորհման եւ ապահսկողութեան ալիքը, որուն հետեւանքները եղան սեփականատէրերու ագահութիւնն ու անբարոյականութիւնը հասարակութեան առջեւ:

Հայաստանի մէջ նոր-ազատականութիւնը մուտք գործեց խորհրդային կարգերու փլուզումէն ետք: Նոր-ազատականութիւնը, իբրեւ դրօշակիր սեփականաշնորհման, իրեն հետ ծնունդ տուաւ սեփականատէրերուն, որոնք նոր-ազատականութեան շնորհիւ` տարիներու ընթացքին հարստացան, իսկ արտադրական միջոցներու սեփականատէր չեղող խումբը աւելի եւս աղքատացաւ:

Հարցը հոն է, որ այդ սեփականատէրերը, որոնք զինուած են ագահութեան եւ անբարոյականութեան արժէքներով, մուտք գործեցին քաղաքական ասպարէզ: Անոնց մուտքը չէր բխեր հասարակութեան շահերէն, այլ` իրենց անձնական շահէն: Անոնց քաղաքականութիւնը հիմնուած էր յստակ հասկացողութեան մը վրայ` ՀԱՐՍՏԱՆԱԼ: Այդ հարստացումը պարտադրեց այդ ագահ եւ անբարոյ քաղաքական գործիչներուն կամ, աւելի ճիշդ, քաղաքականացած պիզնեսմեններուն, որ որդեգրեն ամէն միջոց, որ կը մերժէ հարստութեան արդար վերաբաշխումը հասարակութեան բոլոր անդամներուն:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը, կառչած մնալով իր ընկերվարական սկզբունքներուն, Հայաստանի վերանկախացումէն ետք միշտ ալ յայտարարած է, որ ինք կ՛ուզէ պիզնեսը եւ քաղաքականութիւնը իրարմէ տարանջատել: Շատեր պիտի հարցնեն` ինչո՞ւ տարանջատում: Տարանջատում, որպէսզի երբ Ազգային ժողովի պատգամաւորը քուէարկէ նախագիծի մը, քուէարկէ հասարակ ժողովուրդի շահերէն մեկնած, այլ ոչ թէ` իր անձնական պիզնեսի: Տարանջատում, որպէսզի վերջ դրուի տնտեսական լծակներուն` պետական վարչական համակարգին մէջ: Տարանջատում, որպէսզի յստակօրէն պայքար մղուի ընդդէմ սակաւապետութեան եւ անոր առանձնաշնորհումներուն:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արմէն Բաբայեանի հրաժարումը իր պաշտօնէն ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Արմենուհի Կիւրեղեանի կողմէ հետեւեալ կերպով ներկայացուեցաւ. «… Որոշած է ամբողջութեամբ զբաղուիլ պիզնեսով, եւ որպէսզի այլ ընկալում չլինի, թէ լինելով օրէնսդիրում` կը զբաղուի պիզնեսով, որոշել է վայր դնել պատգամաւորական մանդատը` դրանով ընդգծելով նաեւ օրէնսդիրի եւ պիզնեսի տարանջատումը»: Այս յայտարարութեան յաջորդեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանին ելոյթը Ազգային ժողովին մէջ նոր կառավարութեան ծրագիրի քննարկման ժամանակ, երբ ան նշեց հանրային իշխանութեան եւ պիզնեսի տարանջատման կարեւորութիւնը: Այսպիսով, Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ նոր փուլ մը սկսած կ՛ըլլայ` պայքար ընդդէմ այն ամբողջ փտածութեան, որ պատճառ դարձաւ համաժողովրդային շարժման սկզբնաւորման: Քաղաքականութեան եւ պիզնեսի տարանջատման նշանաբանը պէտք է յստակ ըլլայ մանաւանդ այն ուժերուն, որոնք կը դաւանին պահպանողականութիւնը եւ դրօշակիր են ազատ շուկայի տնտեսութեան, ինչպէս նաեւ` բոլոր այն կուսակցութիւններուն, որոնց Ազգային ժողովին անդամակցող պատգամաւորները մաս կազմած են սեփականատէր խաւին կամ` մենաշնորհներու համակարգին մէջ բարձր դիրքեր գրաւած:

Եթէ Հայաստանը պիտի վերականգնի եւ զարգանայ, նախ եւ առաջ պէտք է որ պիզնըսն ու քաղաքականութիւնը տարանջատուին` առաջնահերթ նկատելով հասարակութեան շահը: Այսպիսով, հիմնական է պիզնեըսի եւ քաղաքականութեան տարանջատումը:

 

Յոբելեա՛ր Հայր, Օրհնի՜ր, Օրհնի՜ր

$
0
0

ՄԱԿԱՐ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ 

Նուիրուած` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ ԹՀԹ առաջնորդ` Գերշ. Տ. Սեպուհ Ս. արք. Սարգսեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 50-ամեակին.իրենց միջոցով նաեւ` հայ եկեղեցու բոլոր ոսկեայ յոբելեար սպասաւորողներին:

Քո ալեհեր բայց վիթխարի, ներկայութեան այժմ կանգնած,
Յիսունամեայ անկասելի, ծառայութեան քո ընծայած,
Յիշատակի՛ն ու վաստակի՛ն օրհնեալ կեանքո՛վդ կտակած,
Ես անարժան որպէս որդի,հաղորդւում եմ հոգովս արբած:

«Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհն» այն սուրբ, որ քեզ օծեց,
Այն րոպէին, որ ծնրադիր դու ուխտեցիր,որ ընծայուես,
Այդ ի՛նչ սէ՜ր էր, որ քեզ մղեց, կեա՛նքդ ամբողջ դու նուիրես,
Եսդ ճզմես անձդ՛անտեսես, յանուն Աստծուն մատաղ լինես:

Ասա՛ ինձ, հա՜յր, սուրբդ Արամ, ո՞րն է այն Ձեռն, որ քեզ մղթեց,
Քեզ կանգնեցրե՛ց ու զօրացրե՛ց, որպէս մշա՛կ քեզ պատրաստեց,
Շնո՛րհ տուեց, կամքո՛վ պրկեց, եւ առաքե՛ց այնտե՜ղ որտե՜ղ,
Հունձքը առատ, մշակը քիչ, որ՛ստ արժանւոյն պտղաբերես:

Օրհնեա՛լ ես, Տէ՜ր, եւ պաշտելի մեր հայրերի Աստուա՛ծը մե՜ծ,
Երկնապարգեւ գանձարանիցդ, որպէս բարիք դու բաշխեցիր,
Անձրեւեցի՛ր ու հեղեցի՛ր, օրհնութիւնով դու լցրեցի՛ր,
Անդաստանը մեր հայկազուն, երախտիքովըդ օրհնեցիր:

Ասա՛ ինձ, հա՜յր, սո՛ւրբդ Արամ, ի՞նչ զգացում դու ապրեցիր,
Երբ մեծ Իշխանըն Կիլիկեան, իր բոյթ մատովըն սրբազան,
Օծեց ճակատըդ միւռոնով, աջ ու ահեակ ձեռքըդ ուժգին,
Առ ժողովուրդըն դառնալով, զ՛տաս օրհնութիւնդ առաջին:

Ես քեզ սիրող քո սիրելին, հօտիդ անդամն ու քո որդին,
Ասա՛ ինձ, հա՜յր, այդ ի՛նչ կամք է, ուժ ու կորով, որ քեզ պնդեց,
Գօտեպնդեց, կաղնիացրեց, շարժեց առաջ անկա՛ս ու սէ՛գ,
Գուցէ մի օր ես էլ քեզ պէս, որպէս խեղճուկ ընդառաջեմ:

Ով հա՜յր իմ դու, սո՛ւրբդ Արամ, Նորին Օծեալ ծառադ անխոնջ,
Քրիստոս Ճամբով, Ճանապարհով, դու քայլեցիր ու քայլում ես,
Որպէս ծառայ, մշակ ու հա՛յր` ծառայելու ո՛ղջ հայութեան,
Ժա՛մն է ահա հրաշագործ, յոբելեա՛ր հա՜յր, օրհնի՜ր, օրհնի՜ր:

 

 

Տարեդարձ. Յովհաննէս Քաջազնունի. 150-ամեակ

$
0
0

ՆԱՐԻՆԷ ԹՈՒԽԻԿԵԱՆ-ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նրա համար գրականութեան չափանիշը Շէյքսփիրն էր: Կեանքի փիլիսոփայութեան բանալին նա գտնում էր այդ հսկայի տողերի մէջ եւ յաճախ էլ տողերի տակ:

Բայց ժամանակները խառն էին, եւ փիլիսոփայելուց կամ էլ Շէյքսփիր վերլուծելուց զատ եւ գուցէ առաւել` գործել էր պէտք:

Երկու «ես» միմեանց հետ անվերջ բանակցում, երբեմն էլ կռւում էին նրա ներսում: Իր` Յովհաննէս Քաջազնունու խօսքով` «Ես կանգնած եմ երկու ճանապարհների ընտրութեան առջեւ եւ չգիտեմ որ կողմ գնալ` Շէյքսփիրի՞, թէ՞ Էրզրումի»:

Ինչո՞ւ էր հէնց  Էրզրումը դրուած Շէյքսփիրին հակակշռող նժարին: Պարզ պատճառով` Էրզրումն իր ծագումն էր, թէեւ ծնուել էր Ախալքալաքում: Քաջազնունին զգում էր իր ծագումը: Այսինքն` գիտէր ով է, որտեղից է եւ ուր է ուզում գնալ: Նրա արուեստային էութիւնը եւ հայրենիքի հանդէպ պատասխանատուութեան զգացումը միանշանակ առաջացել էին իր ծագման գիտակցումից: Եթէ նա ծնուած եւ ապրած լինէր աւելի բարենպաստ ժամանակաշրջանում, քան 1868-ից 1938 թուականներն էին, հաւանաբար իր մէջ ամբողջապէս կը ձեւաւորուէր արուեստագէտը, եւ նա հայրենիքի հանդէպ իր պարտաւորութիւնը կը կատարէր արուեստի, գրականութեան միջոցով: Բայց առկայ ազգային-քաղաքական-պատմական իրողութիւնները նրան պարտադրեցին քաղաքականութիւնը: Դա էր, ըստ Քաջազնունու, հայրենիքի հանդէպ իր պարտաւորութիւնը ա՛յդ ժամանակ: Ուրիշ հարց է, թէ դրա տակից ինչպէս դուրս եկաւ նա, աւելի շատ ճի՞շդ, թէ՞ սխալ քաղաքական հաշուարկներ կատարեց իր կուսակիցների եւ համախոհների հետ: Քաղաքական մեկնաբանումները նպատակս չեն, մանաւանդ որ, եթէ կային յաջողութիւններ, դրանք արդէն գրանցուած են, իսկ սխալներն էլ արդէն գործուած: Բայց ի՞նչ մարդ էր Յովհաննէս Քաջազնունին` ծնուած 1868-ի փետրուարի 1-ին, անկախ այն բանից, թէ ինչպիսի քաղաքական գործիչ էր: Կարծում եմ սա աւելի հետաքրքիր է: Մանաւանդ որ գրեթէ ոչինչ չգիտենք նրա անձնական եւ մարդկային ձգտումների մասին: Ազնիւ, պինդ եւ յամառ մի մարդ, ով սիրում էր արուեստը, ով կլանում էր փիլիսոփաներին` ինքն էլ դառնալով փիլիսոփայ, ով անչափ սիրում էր Սաթենիկ Միրիմանեան անուն-ազգանունով մի թիֆլիսեցի աղջկայ, ով խենթանում էր իր վեց զաւակներով, ով պատերազմի դաշտում ընկած իր երկու զինուոր որդիների մահուան վիշտը կարողացաւ յաղթահարել, ով իր ստորագրութիւնը դրեց հայութեան համար այնքան վտանգաւոր Պաթումի պայմանագրի տակ, ով դարձաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան առաջին վարչապետը, ով փոքր ինչ տարակուսեց իր   կուսակցութիւնից, որի գաղափարներին եւ գործելակերպին միանգամայն  հաւատում եւ վստահում էր ու հեռացաւ շարքերից, ով տեսաւ անկախութեան տեսիլքի փլուզումը, ով իր մահկանացուն կնքեց ստալինեան բանտում: Ողբերգական մի ճակատագիր:

Նախնիները Էրզրումից էին: Ինքը ասում էր Արզրում: Խորապէս երախտապարտ էր իր նախնեաց երկրին եւ դրա բնակիչներին եւ առանձնակի պատկառանք ունէր ընդհանրապէս իր ազգային պատկանելութեան նկատմամբ: 1889-ի փետրուարի 13-ին իր սիրած աղջկան Սենթ Փեթերսպուրկից ուղարկած նամակում գրում է. «Ափսոս, դու չես սիրէ ոչ ախալքալաքցոց եւ ոչ նորանց «կոպիտ լեզուն»` մոռանալով, որ ախալքալաքցիք արզրումցիք են, իսկ Արզրում Հայաստանի սիրտն է, հետեւապէս ախալքալաքցիք իսկական հայեր են: Ներկայացուցիչն են հայի բոլոր առանձնայատկութիւններու, նորանց առաւելութիւններու, պակասութիւններու, վարքի, բարքի եւ այլ եւ այլ: Սիրիր հային»:

Սէրը հայրենիքի եւ հայութեան նկատմամբ Յովհաննէս Իգիթխանեան-Քաջազնունու սրտի եւ ուղեղի մէջ ներարկուել էր ընտանիքում: Նրա հայրը` Մաթեւոս Տէր Յովհաննիսեան-Իգիթխանեանը զարգացած մարդ էր, ուսուցիչ եւ հոգեւորական: Նա հսկայ գրադարան ունէր տանը, Մխիթարեան միաբանութեան կողմից հրատարակուող գրեթէ բոլոր գրքերով եւ  հանդէսներով: «Հիւսիսափայլ»-ի ողջ հաւաքածուն Նազարեանի եւ Նալբանդեանի  յօդուածներով  նոյնպէս այստեղ էին եւ ամենայն հաւանականութեամբ դրանք իրենց չափով սնել էին  Յովհաննէս Քաջազնունու, ում ծածկանունը Ռուբէն Իւանիչ էր, քաղաքական միտքը: «Տէրտէրս», այսպէս էր հումորով եւ սիրով հոգեւորական հօրը կոչում որդին: Մայրը` Փեփրոնէ Կարէնեանը նոյնպէս զարգացած եւ ազնուական կին էր: Սերել էր մտաւորական գերդաստանից: Նրա հայրը, այսինքն` Քաջազնունու մօր կողմից պապը` Յակոբ Կարէնեանը, Ներսիսեան դպրոցի ուսուցիչ էր եւ «Շուշանիկ» ու «Վարդանանց պատերազմ» փիեսների հեղինակը: Ի միջի այլոց, Յովհաննէսը երեխայ եղած ժամանակ դրանք այնքան էր լսել, որ անգիր էր արել եւ յաճախ ինքն էլ բեմադրում էր տանը` երջանկացնելով ընտանիքի անդամներին:

Մօր հօրաքոյրը` Քեթեւան Արամեանը, Թիֆլիսի հայ բեմի առաջին դերասանուհիներից էր, իսկ մօր հօրեղբայրը` Սմբատ Կարէնեանը, մեծ թատերասէր էր: Յովհաննէսի մայրը գիշերները բարձրաձայն ընթերցում էր Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանին»: Այն մեծագոյն տպաւորութիւն էր գործել յատկապէս Յովհաննէսի վրայ եւ հնարաւոր է, որ նպաստած լինէր հետագայում տղայի ազգային    հարցերում տեսակէտների եւ սկզբունքների ձեւաւորմանը: Սա էր ընտանեկան այն միջավայրը, որտեղ ծնուել եւ աշխարհի, հայրենիքի, իր ինքնութեան եւ ծագման մասին առաջին տեղեկութիւններն էր ստացել իմ հերոսը: Ընտանիքը այն առաջին ճիշդ օղակն էր, որ բաւական նպաստաւոր եղաւ Յովհաննէս Քաջազնունու իբրեւ մարդ, իբրեւ տղամարդ, իբրեւ հայ, իբրեւ փիլիսոփայ եւ ազգային-քաղաքական գործիչ ձեւաւորման եւ կայացման համար: Ընտանիքից յետոյ յաջորդ օղակը լինելու էր Թիֆլիսի Ռէալական դպրոցը, ապա եւ Փեթերսպուրկը իր համալսարանական կեանքով եւ ընդյատակեայ գաղտնի կազմակերպութիւնները, որտեղ 1880-ականներին խմորւում էր նոր ժամանակների քաղաքական միտքը: Յովհաննէսը մեկնում է Փեթերսպուրկ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու: Միաժամանակ դիմում է 2 ինստիտուտ` տեխնոլոգիական եւ ճարտարագիտական: Առաջին քննութիւնից երկու հաստատութիւններում էլ  գերազանց է ստանում: Սակայն երկրորդ քննութեան օրը համընկնում է եւ ստիպուած է լինում ընտրութիւն կատարել: Ընտրում է ճարտարագիտականը: Յովհաննէսին չի վախեցնում մեծ մրցոյթը, երբ 40 տեղի համար պայքարում էր 140 դիմորդ: Եւ նրա քաջութիւնը արդարացւում է:

Նա  ընդունւում է: Վարձում է փոքրիկ սենեակ 10 ռուբլով, 10 ռուբլի էլ յաւելեալ վճարում է տանտիրուհուն իրեն կերակրելու համար, միանուագ մուծում է 70 ռուբլի պարտադիր ուսանողական համազգեստի համար եւ յաճախում դասերի` զուգահեռաբար ռուս հրատարակիչներին յօդուածներ մատակարարելով: 25 տարեկան հասակում Քաջազնունին կ՛աւարտի ինստիտուտը` դառնալով շէնքերի, կամուրջների, ճանապարհների ճարտարագէտ-շինարար: Ի միջի այլոց, Գիւմրիում նրա ինժեներական նախագծով կառուցուած քաղաքային գրադարանի շէնքը 1988-ի աւերիչ երկրաշարժին մնաց կանգուն: Կառուցողը ազնի՛ւ մարդ էր եղել: Իսկ Պաքուի հայկական Մայր եկեղեցին, որի նախագծող ճարտարագէտը նոյնպէս Քաջազնունին էր, աւերուած է 1930-ականներին, բայց ոչ թէ բնական, այլ կոմունիստական աղէտի հետեւանքով:

Քաղաքացիական ինժեներների այս ինստիտուտի ուսանողները կարծես յատուկ ընտրուած լինէին` արիստոկրատ ընտանիքներից: «Բոլորը, տնօրէնից սկսած մինչեւ դռնապանը այստեղ առանձնանում են յղկուածութեամբ եւ նրբաճաշակութեամբ», իր սիրած աղջկան գրած նամակներից մէկում պատմում է ուսանող Քաջազնունին: Մինչ ինստիտուտ ընդունուելը նա արդէն սիրահարուած էր օրիորդ Սաթենիկին, ընդ որում սիրահարուած էր հիմնաւորապէս եւ անբեկանելի որոշում ունէր նրա հետ ամուսնանալու: Թէեւ առարկայականօրէն դա քիչ հաւանական էր, հաշուի առնելով օրիորդի հօր բացասական եւ անգամ յարձակողական վերաբերմունքը երիտասարդ Յովհաննէսի նկատմամբ: Նաեւ Սաթենիկի մնացեալ ազգականութեան գործօնը, որ թիֆլիսեան հասարակութեան այն խաւն էր, որի  գաղափարները եւ լաւ ու վատ մարդու մասին պատկերացումները ձեւաւորւում էին միմիայն համաձայն նրա ունեցած փողի քանակի եւ պաշտօնի աստիճանի: Ամէն դէպքում, սիրած աղջկայ հարազատների կողմից հրահրուած անբարենպաստ իրավիճակը  յուսալքութեան չմատնեց Յովհաննէսին: Նա յամառօրէն եւ նպատակասլաց կերպով հալեցրեց Միրիմանեան ընտանիքի անդամների սրտի սառոյցը:

Մինչ երկուսի համար կեանքի կարեւոր, շրջադարձային իրադարձութիւնը, որն ամուսնութիւնն էր, բաւական հետաքրքիր եւ խորը փիլիսոփայական նամակներ են գրուել միմեանց: Սաթենիկ Միրիմանեանին գրած Քաջազնունու նամակները մանաւանդ սկզբնական շրջանում առանց վարանելու կարելի է դասել հոգեվերլուծութեան եւ հոգեկան բուժման ոլորտին: Դրանք հեռական նիստեր էին, որոնց միջոցով Յովհաննէսը զարմանալի նրբանկատութեամբ եւ ճշգրտութեամբ բացայայտում եւ մեկնաբանում էր Սաթենիկի հոգեվիճակի պատճառահետեւանքային կապը: Նաեւ ցոյց էր տալիս դրանից դուրս գալու ճանապարհը: Ընդ որում, չպարտադրելով իր անձը եւ չշահարկելով իր սէրը աղջկայ  նկատմամբ: Դրանք սթափ, ներքին մեծ ներուժով, արտակարգ հմայքով եւ վեհ յատկանիշներով օժտուած մարդու նամակ-օգնութիւններ էին: Եթէ տարեթուին չնայես, կը թուայ, թէ դրանք գրուած են հասուն, կեանքի փորձառութիւն ունեցող մէկի կողմից: Օրինակ` ստորեւ բերուած նամակը գրուած է 1885 թուականին, այսինքն` երբ Քաջազնունին ընդամէնը 17 տարեկան էր, Սաթենիկն էլ` 16: Սա իր եւ օրիորդ Միրիմանեանի նամակագրութեան սկիզբն էր: Յովհաննէսը նոր էր տուն վերադարձել Թիֆլիսից:

 

1885թ. յունիս 20
Ախալքալաք

«…Դուք ծնուել էք տաք, կրքոտ հոգով: Դրա վկայութիւնը ձեր անատոմիան է  սեւ մազեր եւ աչքեր, թուխ մաշկ, արդէն 16 տարեկանում հրաշալի գծագրուած կուրծք: Դուք փոքր հասակից սիրոյ կարիք էք ունեցել, ուժեղ, տաք, անկեղծ սիրոյ: Դուք սիրոյ ծարաւ էիք եւ ոչ ոք չէր յագեցնում այդ ծարաւը: Ձեր ծնողները, որքան հասկանում եմ, չէին կարող տալ ձեզ ձեր փնտռածը: Նրանք չափազանց կոպիտ, միակողմանի էին եւ ամենաանզգամ, անմարդկային ձեւով   տրորել են ձեր զգացմունքները: Ձեր եղբայրների մասին էլ չեմ խօսում, նրանք ձեզնից պուպրիկ էին սարքել` զբաղմունք իրենց համար: Տանը չգտնելով սէր եւ կարեկցանք, դուք այն դրսում փնտռեցիք: Եւ էլի չգտաք ձեր զգացմունքների արձագանգը: Զայրացել էք ամէն ինչի վրայ, ձեր սիրտը սառել է եւ չարացել անգիտակցաբար: Դուք յանգել էք նրան, որ բոլոր մարդիկ  միատեսակ վատն են, միատեսակ չար եւ անզգամ, որ բոլոր մարդիկ ձեր թշնամիներն են, որ աշխարհում ոեւէ մէկին սիրել չի կարելի եւ չարժէ էլ: Այս հիւանդագին համոզմունքն է տիրել ձեր էութեանը: Դուք մոռացաք սիրելը, փոխարէնը սովորեցիք ատելը: Ձեր հոգեւոր բոլոր ուժերը գահավիժեցին` ձեզ դարձնելով չար, վրէժխնդիր:

Սկսեցիք աւելի ու աւելի խեղդել ձեր մէջ բարի բնազդները: Անցան տարիներ, դուք ծանօթացաք շատերի հետ, բայց նրանք, ձեր սրտի սառնութիւնը զգալով, ետ քաշուեցին ձեզնից: Դուք ինքներդ քայլ չարեցիք սիրելու, բայց սպասում էիք, որ ինչ-որ մէկը սիրի ձեզ: Այդ մէկը չգտնուեց, եւ դուք եզրակացրիք, որ ձեզ սիրել անհնար է եւ թքեցիք սիրոյ վրայ: Դուք որոշեցիք, որ ինքնազոհ եւ առանց էկոյիզմի (անձնասիրութեան – խմբ.) մարդիկ չկան: Դուք անվստահութիւն ունէք նրանց հանդէպ, ովքեր բարեացակամ են ձեր  նկատմամբ: Ձեզ թւում է, որ նրանք ձեզ խաբում են, խորամանկ են ու նենգ  նպատակներ ունեն: Դուք դարձաք կասկածամիտ, գաղտնապահ: Յետոյ փորձեցիք նմանուել ձեր կարդացած գրքերի հերոսուհիներին: Սկսեցիք ձեւացնել, թէ բարի էք: Ընկերուհիներին, թւում էր, թէ դուք իսկապէս բարի աղջիկ էք, բայց դա խաբէութիւն էր: Մինչեւ դուք չյարգէք եւ չսիրէք ինքներդ ձեզ, ոչինչ չի շտկուի ձեր կեանքում: Դուք կորցրել էք հաւատը ձեր հանդէպ»:

17-ամեայ պատանին պրակտիկ հոգեբանի հմտութեամբ մէկ առ մէկ քննարկում եւ հետեւութիւններ է անում` սիրել ինքդ քեզ, ունենալ ապրելու դրդապատճառ եւ կեանքի նպատակ, լինել ներողամիտ: Սիրած աղջկան խորհուրդ տալիս նաեւ շատ կարդալ` առաջարկելով գրքերի ցանկ, սկզբի համար Դիկենս եւ Տուրգենեւ: Իսկ ի՛ր կեանքի նպատակը, եւ քայլերի կամ որոշումների դրդապատճառները աներկբայ բխել են երկու բանից` հայրենիքին եւ հայութեանը   ծառայելու պահանջից:

Դեռ աշակերտ էր Թիֆլիսի Ռէալական դպրոցում, երբ հետաքրքրուեց եւ յարեց «Նարոդնայա Վոլեա» գաղտնի կազմակերպութեանը: Նրա գաղափարակիցն էր Սիմոն Զաւարեանը, ով 1890-ին դարձաւ ՀՅԴ հիմնադիրներից մէկը: Նաեւ 1880-ականներին նարոդնիկական խմբակներին աշխուժ կերպով մասնակցող Քրիստափոր Միքայէլեանը, ով դառնալու էր ՀՅԴ կուսակցութեան  տեսաբանը եւ առաջնորդը: Նրանք Նարոդնիկութեանը կարողացան ազգային թեքում տալ: Այսպէս` քաղաքական գործունէութեան սկիզբը համընկաւ իր աշակերտութեան տարիներին: Մի քիչ երազային, մի քիչ իրատեսական էին նրա քաղաքական հայեացքները եւ հայութեան ու Հայաստանի ապագայի պատկերը: Անշուշտ առկայ էր ջահելական մաքսիմալիզմը եւ ռոմանթիզմը: Անգամ փորձեց իր սիրած աղջկան ներքաշել քաղաքական գաղտնի ձեռնարկների մէջ: Եւ իբրեւ դաւադրութիւն ընտրեց կեղծանուն: «Գրէք ինձ Լիւսի Զարուցկայա անուան տակ», խորհուրդ տուեց Յովհաննէս Քաջազնունին Սաթենիկ Միրիմանեանին: Նա շատ էր սիրում  Սաթենիկին: Եւ ուզում էր իր սիրած աղջկայ հետ կիսել ոչ միայն սէրը եւ ապագայում ընտանեկան  հովուերգութիւնը, այլեւ քաղաքական պայքարի ողջ ռոմանթիզմը եւ ռէալիզմը: Բարեբախտաբար քաղաքականութիւնը եւ հակացարական տրամադրութիւնները երկուսի միջեւ  բռնկուած փոխադարձ սէրը չվերածեցին կուսակցական-կանոնադրական սիրոյ: Այն մինչեւ վերջ մնաց քնքուշ եւ անսահման: Առաջին հոգեվերլուծական նամակից յետոյ սկսուեց սիրոյ խոստովանութիւններով լի նամակագրութիւնը:

1886, 25 նոյեմբեր
Խարքով

«Իմ Սաթենին.

Ինձ հարցրին, շատ եմ սիրում արդեօք ես իմ հարսնացուին: Այնքան շատ, որ սկսում եմ կասկածել, թէ կայ մէկ ուրիշը այդչափ սիրող: Իմ կեանքը, ապագան, երջանկութիւնը, յոյսերը, ցանկութիւնները նրա հետ են կապուած: Իմ սեփական եսը այնպէս է կապուել նրան, որ ես իմ գոյութիւնը առանձին չեմ պատկերացնում: Այն ինչ կենդանի է իմ մէջ, ուժեղ է, կրքոտ, փնտռող, տառապող` մէկ զգացմունքի մէջ է` սիրոյ: Ես հիմա հասկանում եմ այն սարսափելի ուժը, որ մտել է իմ մէջ: Տուէք ինձ միլիոն թագաւորութիւն, անմահութիւն, ես կը հրաժարուեմ յանուն իմ սիրոյ: Ես սիրուց զուրկ թագաւորական պալատները կը փոխեմ սիրով լի հիւղակների հետ: Խլէք ինձնից այդ զգացումը եւ խլած կը լինէք ամէն բան, որ ես ունեմ»:

Նա իսկապէս յաւերժ մնաց Սաթենիկինը կամ Սաթենինը, ինչպէս սիրում էր փաղաքշօրէն կոչել  նրան: Սաթենիկը շուտով փոխեց իր հայեացքները եւ ապրելաոճը եւ դա արեց միանգամայն գիտակցուած: Կեանքում մարդկանց հետ կատարուող իրադարձութիւնները  պատճառահետեւանքային կապի տրամաբանութեամբ բացատրող Քաջազնունին, իր մտքերը նամակներում շարադրում էր հանգիստ, նուրբ, խաղաղ, կարծես ամբողջութեամբ դարերի իմաստնութեան մէջ ընկղմուած:

Միակ թեման, որի շուրջ խօսելիս նա մի կողմ էր դնում մեղմութիւնը եւ համբերատարութիւնը եւ  դառնում կտրուկ, չոր, աններող, փոթորկուն` հայութեանը վերաբերող հարցն է: «Իմ համոզմամբ,- գրում է Քաջազնունին,- ազգութիւնից դուրս մարդկութիւն չկայ»: Իր ազգութիւնը հայն էր, հաւատամքը` ծառայութիւնը ազգին, պահանջը իր ամենահարազատ մարդուց` սիրել հային եւ խօսել հայերէն: Իսկ ամենահարազատ մարդը Սաթենիկ Միրիմանեանն էր:

Մի քանի անգամ նամակներում Քաջազնունին իրեն թոյլ է տուել  լինել ագրեսիւ`  հայրենասիրութիւնից դրդուած: Բայց մէկ անգամ իր խստութեան պատճառը ուղղակի տղամարդկային սէրն էր եւ դա 1888թ. նոյեմբերի 11-ն էր:

«Գիտես ինչ. այս ամուսնութիւնը պէտք է տեղի ունենայ եւ տեղի կ’ունենայ: Այլապէս թող փուլ գայ ամբողջ աշխարհը: Մտքիցդ հանիր կուսանոց-մուսանոցը: Դու պէտք է դառնաս իմ կինը եւ կը դառնաս եւ ոչ ուշ, քան այս ամառ, այն էլ սկզբին: Այդպէս կը լինի, եթէ անգամ ես ստիպուած լինեմ յանցանք գործել, տասնեակ յանցանքներ: Եթէ ստիպուած լինեմ քթիցդ բռնած տանել դէպի խորան: Պէտք է ամուսնանանք, լսո՞ւմ ես, պէտք է, երդւում եմ Աստուծով: Դու իմը պէտք է լինես, դու չես յանդգնի իմը չլինել: Ես կամ կը մեռնեմ, կամ կը լինեմ քո ամուսինը: Արիւնը խփել է գլխիս, ոչ մի ուժ ինձ ետ չի պահի: Հինգ տարի ես սիրում եմ քեզ, հինգ տարի գիշեր-ցերեկ մտածում եմ քո մասին, հինգ տարի երազում եմ երջանկութեան մասին, հինգ տարի ապրում եմ յոյսերով, հինգ տարուայ մէջ ես ծախսել եմ իմ երիտասարդութեան քսանհինգ տարին: Եւ այսքանից յետոյ հրաժարուե՞մ քեզնից: Ո՛չ սիրելիս, դու ինձ վատ ես ճանաչում: Երեւի իմ մշտական զիջումները քեզ մոլորեցրել են: Ես գիտեմ պահանջել, այն էլ ինչպէս գիտեմ: Հիմա ես անշրջելիօրէն որոշել եմ կամ ամուսինդ դառնալ կամ մեռնել: Հաւատա, որ  կ՛անեմ ամէն հնարաւոր բան, եւ դեռ աւելին, ու կ՛անեմ այնքան ժամանակ, քանի դեռ իմ մէջ առկայծում է կեանքի  կրակը: Ամէն: Համբուրում եմ քեզ, սիրելի, օրինական, յաւերժական տիկինս: Քո Յովհաննէս»:

Նամակը գրուած է ռուսերէն: Ընդհանրապէս սկզբնական շրջանում նրանց նամակագրութիւնը այդ լեզուով էր: Հետաքրքրական է այն, որ նրանց ընկերական յարաբերութիւնները խորը սիրային յարաբերութիւնների վերաճելուն համընթաց, Քաջազնունին անցնում է հայերէնի, թէեւ օրիորդը այնքան էլ վարժ չէր մայրենիի մէջ:

Եւ ոչ միայն ինքն է նամակները գրում բացառապէս հայերէնով, այլեւ պարտադրում, անգամ վերջնագիր է ներկայացնում աղջկան` պահանջելով իրեն պատասխանել միմիա՛յն հայերէնով: Նրա  ագրեսիայի յաջորդ դրսեւորումները կապուած են  հէնց հայոց լեզուի կիրարկման հետ:

(Շար. 1)

 

 

 

Viewing all 12135 articles
Browse latest View live