Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12135 articles
Browse latest View live

Արեւելից

$
0
0

ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ

Սիս ու Մասիսից մինչ փայտակարան,
Ուտիք ու Արցախ ու Վասպուրական,
Պարսկահայք, Գուգարք, Այրարատ ու Մոկք,
Տուրուբերան, Տայք, Կորճայք, Սիւնիք, Ծոփք,
Աղձնիք, Բարձր Հայք,
Տարօն, Փոքր Հայք,
Աշխարհքն են հայոց վառ արեւի տակ,
Կողոպտուած, աւաղ, կործան, յափշտակ…
Բայց հուրը վառ է դեռ բագինների,
Ու վերակնքուած խաչով վերների,
Որ կը շէնանան ոգով հայկական,
Արեամբ հայորդեայց սուրբ արմենական:

Օրհնուած ենք մենք ու մեր հայրենին,
Թէեւ դժխեմ  է եղել մեր ուղին,
Դեռ միջնադարից մինչեւ օրերս,
Բայց շուռ ենք տուել այդ մութ էջերը,
Ու քայլ ենք արել մեր լոյս մեծուղում,
Դէպ մեր լուսաւոր կեանքը գալիքում,
Մեր հայրենիքում, որ պիտի կոփենք
Անխաբ նուիրմամբ ու բարեփոխենք:

Արեւն այստեղ է ծագել մշտական
Ու փարատել է մութը հոգեկան.
Պատահել էլ է
Մթար է իջել,
Բայց ասուպներն են խաւարը շեղբել,
Աստղունք են վառել կապոյտ գմբէթում,
Կեանք լուսաւորել ծաղկող եզերքում.
Իսկ արիւնարբու, խաւարուտ խեղեր
Ինչ էլ ճզմել են շողը գլխատել,
Սատակել են հէնց իւրեանց դանակից,
Մինչեւ կոկորդը խրուած թունալից:

Թքած թուրք, օսման
Նորից ելել են ջերմած օձի պէս,
Պոչ են խշշացնում խորքերի գուբում,
Նրանց բաղձանքը դարն է անցեալի,
Նրանց խոհաշխարն` մի մեռած մատեան,
Նրանք տենչում են մութ, հնամենի
Խաւարտչին թշուառ ու վաղնջական:

Նրանց չի թովում կեանքի խոյանքը,
Նրանք տեւում են քաոսում խռիւ,
Ապագայ կերտող վեհ երազանքը
Թուուն է նրանց կոշմար ահռելի:

Այդպէս են ուզում,
Հաւատում դրան,
Մոլեռանդ իրենց կուտապ չաշխարհում…

Բայց եղերական գուցէ չլինէր,
Ու լինէր գուցէ կարեկցել նրանց…
Բայց… զարզանդ…
Նրանք մաղթում են դաժան
Իրենց դժխեմը`
Բոլորին համայն…

Ահա թէ ինչու ես ոչ եմ ասու՛մ
Արնոտ մահիկին,
Եւ մեկնում եմ իմ ձեռքը անտարտամ
Նիրհող դաշոյնին,
Որ շեղբը շողա՛յ,
Փարատի մութը,
Պատռի սեւ ամպի ժահոտ մռութը,
Փշրի արիւնոտ լուսնի պռունկը,
Ճոթի իժութեան հաստացած բուգը,
Ու կախի երկնում արեւի գունդը…

Մեր արեւելքին դա է սազակա՛ն,
Արեւն այստեղ է ծագել մշտական:

Ով աստուած, ով աշխարհք, ով բնութիւն:

 

 

 


Դաշնակցութեան Դէմ Ստաբանութեան Զինուորագրեալները

$
0
0

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Սեդօ Պոյաճեան

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դէմ ստաբանութեան արշաւի զինուորագրեալները երբեք չեն պակսած հայ կեանքէն ներս: Ի վերջոյ, ասոնք զինուորագրեալներ են, թէ` ի՛նչ հաշիւներով, որո՛ւ հաշուոյն կամ ինչպիսի՛ ծառայութեան մէջ այնքան ալ կարեւոր չէ այս պահուն: Կարեւորը նման ծառայողներու գոյութեան փաստն է:

Օրուան աւարտին, իր հակադաշնակցական մոլուցքին յագուրդ տալէ եւ իր հովանաւորին պատգամը կատարելէ ետք, ստաբանողը կը մնայ իր սուտին հետ, յերիւրածինը իր յերիւրանքին հետ, զրպարտիչը իր զրպարտութեան հետ: Ու հակառակ ասոր` այս տեսակին պատկանողները կը շարունակեն չսորվիլ, կը յամառին մնալ նոյնը` յաջորդ օրը վերադառնալու համար իրենց փանջունիական նոյն առաքելութեան:

Այս տեսակը յատուկ մշակոյթի եւ իւրայատուկ աւանդութեան մը արտադրանքն է: Այսինքն պոլշեւիկեան հակադաշնակցական մշակոյթի եւ կոմսոմոլեան` Դաշնակցութեան մասին տեւաբար ստաբանելու աւանդութեան շառաւիղը պահպանողներն ասոնք: Իրենց տէրերը կրնան փոխուած ըլլալ հիմա, սակայն իրենց կոմսոմոլեան մշակոյթն ու աւանդութիւնը կը մնան անփոփոխ:

Առնենք օրինակը «դիւանագէտ, քաղաքագէտ» Արա Պապեանի: Մարդը ամբողջութեամբ իւրացուցած է Դաշնակցութեան մասին ստաբանելու պոլշեւիկեան մտայնութիւնը եւ հոգեբանութիւնը: Մեծ հաւանականութեամբ իր այս յատկութիւնը կը պարտի կոմսոմոլեան դաստիարակութեան:

Արա Պապեանը հակադաշնակցականութեան տիպար զինուորագրեալն է: Ան հերթականօրէն կը խօսի ու կը գրէ Դաշնակցութեան հասցէին: Իր խօսածին եւ գրածին մէջ կը փնտռես իր դիւանագիտական փորձառութեան ազդեցութիւնը եւ իր քաղաքական մասնագիտութեան հասունութիւնը: Սակայն` ի զուր:

Վատաբանելէ ետք Դաշնակցութեան գործունէութիւնը, մինչեւ իսկ անարգելէ ետք Լիզպոնի մեր հինգ նահատակ ընկերներու յիշատակը, այժմ Արա Պապեանը կը թուի կլանուած ըլլալ Դաշնակցութեան գաղափարական սկզբունքներով եւ կազմակերպական կեանքով:

Մայիս 17-ին «Փաստ»-ի մէջ լոյս տեսած Արմինէ Գրիգորեանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ Արա Պապեանը յանձնապաստան վերլուծումներով կը յաւակնի գուշակութիւններ կատարել Դաշնակցութեան ապագային ու վարկանիշին մասին, ինչպէս նաեւ` իր չքնաղ խորհուրդները տալ մեր կուսակցութեան գաղափարաբանութեան եւ կազմակերպական կառոյցին մասին:

Արա Պապեանը կը թուի խիստ մտահոգուած ըլլալ Դաշնակցութեան ներկայով եւ ապագայով: (Ի դէպ, այս մտահոգութիւնը վերջերս նորաձեւութիւն դարձած է գրեթէ բոլոր հակադաշնակցական զինուորագրեալներուն մօտ: Բոլորն ալ սրտցաւ կը թուին` ծածկելու համար իրենց կեղծաւորութիւնը):

Դաշնակցութեան քաղաքական, կառավարական, հայաստանեան եւ սփիւռքեան գործունէութեան մասին շինծու տեղեկութիւններ եւ իմաստակ հաստատումներ կատարելէ ետք, Արա Պապեանը ամենայն հեղինակութեամբ հետեւեալ վճիռը կ՛արձակէ. «ՀՅԴ-ն դաւաճանել է սեփական սոցիալական եւ ազգային գաղափարախօսութեանը»:

Պէտք է անմիջապէս հաստատել, որ Արա Պապեանը հանրածանօթ է Դաշնակցութեան մասին իր չգիտցածով: Իսկ այն, ինչ որ ինք կը կարծէ, թէ գիտէ, մէկ նախադասութիւն իսկ չի կրնար կազմել:

Առաջին, շնորհիւ իր դիւանագէտի կարողութեանց` ան կը գտնէ, որ Դաշնակցութիւնը «հեռացել է» իր ազգային գաղափարախօսութենէն: Փոխանակ այս ըսելու, եթէ Արա Պապեանը ըսէր, որ փիղը կը թռչի, աւելի հաւատալի պիտի ըլլար: Դաշնակցութեան ամբողջ էութիւնը եւ գոյութեան իմաստը կը կայանայ իր ազգային գաղափարախօսութեան մէջ: Դաշնակցութեան ռազմավարութեան ներշնչման աղբիւրն է իր ազգային գաղափարախօսութիւնը, որուն հիմնաքարերն են բովանդակ հայութեան շահերու պաշտպանութիւնը, հայրենիքի եւ Արցախի անվտանգութիւնը, հայրենական սահմաններու պահպանումն ու մինչեւ իսկ ընդարձակումը եւ սփիւռքի հայկականութեան ամրապնդումը: Ազգային գաղափարախօսութենէ հեռացող կամ, աւելի ճիշդը,  միշտ հեռու եւ անհաղորդ մնացող մը եթէ կայ, այդ ալ Դաշնակցութեան դէմ օրն ի բուն ստաբանողն է:

Երկրորդ, հակառակ իր քաղաքագէտի հմտութեան` Արա Պապեանը տակաւին չէ կրցած ըմբռնել Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը մեր ժողովուրդի տարերային շարժումի տեւողութեան: Փոխանակ իր եւ իր նմաններուն պէս երկիրը քաոսի վերածելու կոչերուն միանալու` Դաշնակցութիւնը եւ քանի մը այլ շրջանակներ ճիգ չխնայեցին, որպէսզի մեր ժողովուրդը չվնասուի, հայրենիքը չվտանգուի, եղբայրասպան կռիւ տեղի չունենայ: Աւելի՛ն. Դաշնակցութիւնը պատասխանատուութիւնը վերցուց միջամտելու ու ճնշում բանեցնելու օրուան իշխանաւորներուն վրայ, որպէսզի ընթացք տրուի մեր ժողովուրդի պահանջներուն:

Երրորդ, գաղափարախօսական մասնագէտի թեւեր առած, քաղքենիական եւ դրամատիրական ակունքներէ ջուր խմող Արա Պապեանը կը գիւտէ այն մասին, որ Դաշնակցութիւնը իր ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը ծախու հանելով` կը գործակցի «խոշոր բուրժուազիայի» ներկայացուցիչ կուսակցութեան հետ: Հայաստանի մէջ ապրող, գործող եւ քաղաքականութեամբ զբաղող այս մարդը կրնա՞յ այնքան մը անգէտ ըլլալ, որ չկարենայ զանազանել քոալիսիոն կառավարութեան մաս կազմելը գաղափարական եւ ծրագրային զինակցութենէ: Կրնա՞յ այս տիպի մարդ մը անտեղեակ ըլլալ Դաշնակցութեան առաջադրած եւ քոալիսիոն կառավարութեան կողմէ ընդունուած այն սոցիալական ու տնտեսական ծրագիրներէն, որոնք կը բխին Դաշնակցութեան ընկերվարական աշխարհահայեացքէն: Ըստ երեւոյթին, կրնայ եւ կարող է` եթէ Արա Պապեանն է:

Վերջապէս, Արա Պապեանը իբրեւ իմաստուն մարդը Հայաստանի, խորհուրդ կու տայ, որ Դաշնակցութիւնը անմիջապէս Ընդհանուր ժողով գումարէ եւ փոխէ իր ղեկավարութիւնը, որպէսզի յոյս ունենայ իր վարկանիշը բարձրացնել մեր ժողովուրդի աչքին:

Դաշնակցութիւնը հայութեան մեծ ովկիանոսն է, որուն տարողութեան եւ ուժգնութեան մասին Արա Պապեանն ու իր նմանները դոյզն իսկ կարողութիւնը չունին ըմբռնելու: Առանց ըմբռնելու կարողութեան` խորհուրդ տալը մեծամտութիւն է, իսկ ըմբռնած ըլլալու յաւակնոտութիւն ցուցաբերելը, մեղմ ըսած, սոփեստութիւն է: Արա Պապեանը լաւագոյն թեկնածուն է երկու պարագաներուն ալ:

Դաշնակցութիւնը ընդունակ է շինիչ ու կառուցողական քննադատութիւններու ու տեւաբար ականջալուր է եւ անսացող` իր ժողուրդի եւ շարքերու պահանջներուն: Սակայն տարբեր հարց է հակադաշնակցական մոլուցքը: Հետեւաբար Դաշնակցութեան համար միեւնոյնն է որեւէ հակադաշնակցական արշաւ, կարեւոր չէ, թէ ի՛նչ աղբիւրէ, ինչպիսի՛ գունաւորումէ եւ ո՛ր մէկ տեսակի զինուորագրեալէ կու գայ: Վերջաւորութեան, ինչպէս միշտ, Դաշնակցութիւնը կ’ըսէ իր ըսելիքը, կը բացատրէ իր ընելիքը, կը դիմէ իր աշխատանքին ու կը շարունակէ իր անսակարկ ծառայութիւնը` ի սպաս Հայաստանի եւ հայութեան:

Լոս Անճելըս
18 մայիս 2018

 

Արա Պապեանի Նորագոյն Անլրջութիւնները

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Վաչէ Բրուտեան

Հինգշաբթի, մայիս 17-ին Փաստ կէտ Էյ. Էմ կայքէջի լրագրողներէն Արմինէ Գրիգորեան յօդուածի ձեւաչափով հարցազրոյց մը լոյս ընծայած է նախկին դեսպան, «Մոտիւս վիւենտի» կեդրոնի ղեկավար Արա Պապեանին հետ, որ կը զարգացնէ այն միտքը, որ Դաշնակցութիւնը «պէտք է ինքնամաքրուի», եթէ կ՛ուզէ տեղ գրաւել յառաջիկայ խորհրդարանին մէջ:

Մէկդի դնելով այն հանգամանքը, թէ ԱԺ-ի յառաջիկայ ընտրութիւնները ե՛րբ ու ի՛նչ պարագաներու տակ կրնան տեղի ունենալ, անցնինք բուն նիւթին: Արա Պապեան բառացիօրէն կ՛ըսէ (կը մէջբերենք ամբողջութեամբ). «Կարծում եմ, որ ազգային գաղափարախօսութիւն ունեցող կուսակցութեան ներկայութեան կարիք ունենք խորհրդարանում, չնայած` վերջին շրջանում ՀՅԴ-ն բաւականին հեռացել է իր գաղափարախօսութիւնից (Վ.Բ.- Այսինքն… ազգային գաղափարախօսութենէն), սակայն այն աւանդաբար շարունակում է ընկալուել որպէս այդպիսին: Եւ վերլուծելով անցած ընտրութիւնների արդիւնքները, պարզ է դառնում, որ նրանք մի կերպ յաղթահարել են 5 տոկոսանոց անցողիկ շեմը: Դրան եթէ աւելացնենք, որ խորհրդարան են անցել իշխանութեան աջակցութեամբ, այսինքն` նրանց օգտին ձայներ լցոնելու միջոցով, ապա պարզ է դառնում, որ այս անգամ կարող է ընդհանրապէս չկարողանան խորհրդարան անցնել: Բացի այդ, վերջին իրադարձութիւնների հետեւանքով, Դաշնակցութիւնը կրկին ե՛ւ հետեւորդներ է կորցրել, ե՛ւ ձայներ ու, բնականաբար,, պէտք է այս ամէնից հետեւութիւններ անեն»:

Արա Պապեան անհիմն ու մերկապարանոց յայտարարութիւններ կ՛ընէ հոս. օրինակի համար, երբ կ՛ըսէ, թէ` «… վերջին շրջանում ՀՅԴ-ն բաւականին հեռացել է իր գաղափարախօսութիւնից», ոչ մէկ հիմնաւորում կու տայ իր հաստատումին համար: Անկախ անկէ, թէ ի՛նչ նկատի ունի «վերջին շրջանում» ըսելով, Պապեանի համար «ազգային գաղափարախօսութիւն» ունեցող Դաշնակցութիւնը «բաւականին հեռացել է» իր գաղափարախօսութենէն… Իսկ թէ` ինչպէ՞ս, ի՞նչ ապացոյցներու հիման վրայ, այդ մասին ոչ մէկ բան կ՛ըսէ ան:

Նոյնքան անհիմն ու ծիծաղելի է իր այն պնդումը, որ վերջին ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ն ԱԺ մտած է «իշխանութեան աջակցութեամբ», որովհետեւ այս վերջինները «ձայներ լցոնած» են ի նպաստ Դաշնակցութեան:

Արա Պապեանը պարզապէս կը ստէ ու կը փորձէ իր լսարանը մոլորեցնել, որովհետեւ ԱԺ-ի գէթ վերջին ընտրութիւններուն քուէաթուղթերու «լցոնման» ոչ մէկ փաստ արձանագրուած էր տեղական ու միջազգային դէտերու կողմէ: Այս իմաստով ալ ընտրութիւնները հիմնովին կը տարբերէին նախորդներէն` միջազգային կամ տեղական բոլոր դէտերուն կողմէ: Այնպէս որ, իր այս պնդումները ապացոյցէ զուրկ ըլլալով` ոչ մէկ լուրջ քննարկումի կը դիմանան:

Իսկ լրագրող Արմինէ Գրիգորեանը իր կարգին կը շարունակէ ըսելով, որ ՀՅԴ-ն գործընկերային յարաբերութիւններ ունենալով ՀՀԿ-ին հետ` «նախ դատապարտեց ժողովրդային շարժումը, սակայն երբ թաւշեայ յեղափոխութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին, հրաժարուեց ՀՀԿ-ից» եւ սատարեց Ն. Փաշինեանին:

Աժան-կարապետ ու փողոցային հաստատում մը եւս, որովհետեւ ՀՅԴ-ն ոչ մէկ ատեն դատապարտեց ժողովրդային շարժումը. ճիշդ է, ըսուեցաւ, որ փողոց փակելը արգելք պիտի չդառնայ, որ պատգամաւորները խորհրդարան հասնին, սակայն ոչ մէկ ատեն դատապարտումի խօսք եղած է ժողովրդային շարժումի հասցէին: Դատապարտելը լուրջ, շա՛տ լուրջ քաղաքական կշիռ ունեցող կեցուածք է, ու կարելի չէ այդ ուղղութեամբ մերկապարանոց բառակոյտեր հիւսել, տիկնա՛յք եւ պարոնա՛յք: Կը բաւէ հետեւիլ այդ օրերուն Դաշնակցութեան մարմիններուն կամ պատասխանատուներուն կողմէ կատարուած բոլոր յայտարարութիւններուն, ու հոն պիտի գտնէք միայն օրուան լրջութեան ու ծանրակշիռ հանգամանքին յարիր քաղաքական կեցուածք: Ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս: Բարեբախտաբար, այդ բոլոր յայտարարութիւնները բառացիօրէն լոյս տեսած են տպագիր կամ եթերային մամուլին մէջ, հետեւաբար կրկնելու կարիքը չենք զգար: Մանաւանդ որ կը խօսինք միայն քանի մը շաբաթ առաջ տեղի ունեցած դէպքերուն մասին եւ ոչ թէ, ըսենք, Արտաշիսեան հարստութեան կամ Արգիշտի թագաւորի օրերու եղելութիւններուն մասին…

Դառնանք դարձեալ Պապեանին:

Ան կը շարունակէ` ըսելով, որ «անկեղծ ասած», չէ հասկցած «թէ ինչո՛ւ սկզբում դժգոհութեան «կրակն» իրենց վրայ վերցրեցին, յետոյ հրաժարուեցին ՀՀԿ-ի հետ համագործակցութեան յուշագրից, ապա անցան ժողովրդային շարժման կողմը», եւ այլն:

Թէ ինչո՞ւ Դաշնակցութիւնը դուրս եկաւ «քոալիցիայէն», այդ մասին թէ՛ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը, թէ՛ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը եւ ուրիշ պատասխանատուներ բազմիցս եւ շատ յստակօրէն բացատրած են` ըսելով, որ նոյնինքն այդ համաձայնագրով (ու ոչ թէ` յուշագրով) հաստատուած է, որ կողմերը պարտաւոր են իրարու հետ համաձայնեցնելու իրենց առնելիք քայլերը. հետեւաբար, այդ տագնապալի օրերուն, երբ ՀՀԿ-ն ընթացաւ միանձնեայ որոշումերու ճամբով (առանց առնելու իր գործընկեր ՀՅԴ-ի համաձայնութիւնը), Դաշնակցութիւնը բնականաբար չէր կրնար պատասխանատու համարուիլ հաւանական աննախատեսելի դէպքերուն համար: Առաւել եւս, դէպքերու թաւալգլոր ու ժամ առ ժամ յարափոփոխ ընթացքը անակնկալ կացութիւններով յղի էր, որոնց նկատմամբ ինքնուրոյն պատկերացումներով քայլեր առնելու հարկադրանքին տակ էր ՀՅԴ-ն: Նաեւ, տրուած ըլլալով, որ քաղաքական կեանքի մէջ քաղաքական ուժերու միջեւ որեւէ գործակցութիւն կաթոլիկ ամուսնութեան չի նմանիր, Դաշնակցութիւնը դուրս եկաւ «քոալիցիոն» կառավարութենէն:

Փաստը այն է, որ Սարգսեան-Փաշինեան հանդիպումի ձախողութիւնը ու ատոր յաջորդած դէպքերը կրնային մեր երկիրը առաջնորդել այնպիսի ծանրակշիռ կացութեան, որուն քով մարտի 1-ը կրնար միայն խաղուպար համարուիլ, ու այդ ծանրակշիռ իրադրութեան առաջքը կարելի եղաւ առնել շնորհիւ թէ՛ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին եւ թէ՛ «քոալիցիայէն» դուրս եկած ՀՅ Դաշնակցութեան միջնորդութիւններուն:

Արա Պապեանը գո՞հ է Դաշնակցութեան այս դերակատարութենէն, դժգո՞հ է, մեզի համար ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ: Մենք գիտենք, թէ այդ օրերուն ի՛նչ պէտք էր ընէինք, ու ըրի՛նք` ըստ մեր քաղաքական համոզումներուն եւ սկզբունքներուն: Այսինքն` կարելի եղածին չափ երկիրը զերծ պահել անհարկի ցնցումներէ եւ վտանգաւոր զարգացումներէ:

Հիմա գանք Պապեանի միւս տեսակէտներուն, ըստ որոնց, Դաշնակցութեան այս վարքագիծը պատճառ դարձած է, որ իր «վարկանիշը բաւականին անկում ապրեց (Վ.Բ.- Նոր Ահարոն Ադիբէկեա՞ն…): Եթէ այս ամէնից ՀՅԴ-ի ղեկավար կազմում տեղի չունենան արմատական փոփոխութիւններ եւ ներկայ ղեկավարութիւնը հրաժարական չտայ, ապա, վարկանիշի առումով, որեւէ դրական տեղաշարժ տեղի չի ունենայ»:

Հիմա ինչպէ՞ս «երախտապարտ» չըլլալ Արա Պապեանին, որ գիշերները քունը փախցուցած` մտահոգ է ու կը տոչորի մեր վարկանիշով, մտահոգ է Դաշնակցութեամբ եւ մեզի ցոյց կու տայ… մեր վարկանիշը բարձրացնելու միջոցը` ղեկավարութեան հրաժարական: Մինչդեռ ինք պէտք է լաւ գիտնայ, որ Դաշնակցութիւնը, բազմաթիւ ու բազմատեսակ տագնապներու մէջ կոփուած, ունի համապատասխան կառոյց, հաշուետուութեան համապատասխան մեքանիզմներ, օրէնսդիր ժողովներ, ուր անկաշկանդ կերպով կը քննարկուին բոլո՛ր հարցերը: Պէտք կա՞յ յիշեցնելու իրեն, որ դաշնակցական գերադաս ժողովներն են, որոնք ատակ ու ի վիճակի են ռազմավարութիւն, վարքագիծ ճշդելու եւ յառաջացնելու համապատասխան գործադիր մարմիններ ու այս ուղղութեամբ իր կամ իր նմաններուն օգնութեան բնաւ կարիքը չենք զգար, փա՛ռք Աստուծոյ…

Դեռ չվերջացաւ: Պապեան կը շարունակէ. «Ես ուզում եմ յատկապէս շեշտել, որ Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնում կան բազմաթիւ հայրենանուէր ու գաղափարական անձնաւորութիւններ, որոնց մի մասը դուրս է եկել կամ վտարուել է կուսակցութիւնից»: Պարոն Պապեանին յիշեցնենք, որ դաշնակցականները իր բարենիշներուն կարիքը չունին ու ինք չէ, որ պիտի ճշդէ մեր հայրենանուէր, կամ գաղափարապաշտ նկարագիրը: Ինք չէ, որ պիտի ճշդէ, թէ ո՛վ պիտի մնայ, կամ հեռանայ ու հեռացուի: Դաշնակցութեան մէջ մնացողներուն, հրաժարողներուն կամ հեռացուողներուն հարցերը բոլորն ալ կանոնակարգուած են: Այս մասին նոյնիսկ կարծիք տալու համար ինք ամբողջ կեանք մը պէտք է տրամադրէ իսկապէ՛ս ճանչնալու համար Դաշնակցութիւնը, իր պատմութեամբ, գաղափարական-ծրագրային զարգացումներով, գրաւոր ու անգիր օրէնքներով, աւանդութիւններով ու մանաւանդ` անոր զարգացուցած-մշակած քաղաքական Միտքով (գլխագիր Մ-ով):

Ըստ իրեն, «գաղտնիք չէ», որ իբր թէ Դաշնակցութիւնը վերածուած է «ստալինա-պոլշեւիկեան կուսակցութեան, որը չի հանդուրժում ո՛չ քննադատութիւն, ո՛չ այլակարծութիւն»: Պարո՛ն Պապեան, եթէ մենք «ստալինա-պոլշեւիկեան» ենք (եւ հոս մենք չէ, որ պէտք է փաստենք, որ այդպէս չենք. ապացուցելու պարտաւորութիւնը ձերն է), այդ մէկը ձեզ ինչո՞ւ պէտք է նեղացնէ, կամ` ձեզի ի՞նչ, ձեր ի՛նչ տարտն է Դաշնակցութեան «ստալինեան» կամ «մայրթերեզայական» ըլլալը: Դուք ինչո՞ւ մտահոգ էք մեզմով, այդքա՞ն կը համակրիք ՀՅԴ-ին, որ, ի դէպ, երբեք ալ ձեր կամ ձեր նմաններուն համակրանքին նկատմամբ որեւէ ձգտում չէ ունեցած, ոչ ալ գեղեցկութեան մրցումի ելած է` ձեր հաւանութեան ժպիտին արժանանալու նպատակով…

Հասանք ամէնէն ծանրակշիռ կէտին, ուր Պապեան մեզ «դաւաճան» կ՛անուանէ: Այսինքն ՀՅԴ-ն ընկերվարական կուսակցութիւն ըլլալով` «դաւաճանած է» (իր բնորոշումն է) ընկերվարութեան, «քոալիցիա կազմեցին… ՀՀԿ-ի հետ, որն աւելի շատ նման է խոշոր պուրժուազիայի արհմիութեան»: Մէկ խօսքով, ըստ Պապեանի, ՀՅԴ-ն ընկերվարական կուսակցութիւն ըլլալով` պէտք է գործակցի միայն ու միայն ընկերվարակա՞ն կուսակցութիւններու հետ… եւ (շարունակելով իր «քաղաքական մեկնաբանի» տրամաբանութիւնը) քանի որ չկան նման կուսակութիւններ Հայաստանի մէջ, ուրեմն մեզի կը մնայ հանգիստ մը մէկ կողմ քաշուիլ ու ոչ ոքի հետ գործակցիլ, ու միաժամանակ ակնկալել, որ հայրենիք ու պետութիւ՞ն կարելի է կառուցել այդ ձեւով:

Ահաւասիկ ա՛յս է Արա Պապեանի քաղաքական հասունութեան որակն ու մակարդակը, ու իր նմաններն են, որ այսօր Դաշնակցութեան քաղաքական դասեր կը յաւակնին տալու: Ան կ՛անգիտանայ նոյնիսկ այն փաստը, որ այսօր Հայաստանի մէջ դժբախտաբար ոչ մէկ կուսակցութիւն կայ բառին քաղաքական իմաստով` բացի ՀՅԴ-էն: Մնացածները անձերու շուրջ հաւաքուած խմբաւորումներ են: Տխուր է, բայց դժբախտաբար ա՛յս է իրականութիւնը, որմէ միակ տուժողը Հայաստանն է բնականաբար:

Այս բոլորը չեն բաւեր, տակաւին Արա Պապեան կ՛ըսէ, թէ` «յոյս ունեմ, որ կուսակցութիւնն այնուամենայնիւ Ընդհանուր ժողով հրաւիրելու ուժ կը գտնի, կը վերլուծի (…) եւ կը յանգի եզրակացութեան», այլապէս, կը շարունակէ «քաղաքական մեկնաբանը», «5 տոկոսը հաստատ չեն յաղթահարի»:

Կրկին «երախտապարտ» պէտք է ըլլալ Արա Պապեանին իր այս քաղաքական խորհուրդներուն ի տես, որոնց համար երբեմն կազմակերպութիւններ կը ստիպուին հսկայական գումարներ վճարել խորհրդատու հիմնարկներու, մինչդեռ ինք իր այս «իմաստուն խորհուրդները» այնպիսի շռայլանքով մը կը դնէ մեր տրամադրութեան տակ (առանց փոխադարձ ակնկալութեան…), որ պարզապէս յուզումը կը խեղդէ մեր կոկորդը…

Փոխան վերջաբանի աւելցնենք, որ քառօրեայ պատերազմին յաջորդած շաբաթներուն Արա Պապեան մէկն էր անոնցմէ, որ ջերմեռանդօրէն, առաջ կը մղէր այն «տեսակէտը», որ Դաշնակցութիւնը համամիտ է «հողերը յանձնելուն»: Ա՛յն Դաշնակցութիւնը, որուն հարիւրաւոր անդամները քառօրեայի առաջին իսկ ժամերուն կամաւոր կարգով մեկնած էին Թալիշ, ուր իրենց յանձնուած էր սահմանագծի մէկ հատուածին պաշտպանութիւնը:

Տէ՛ր Աստուած, այսքան անլրջութիւն մէկ անձի մէջ ինչպէ՞ս կարելի է խտացնել…

Եւ վերջապէս, փոխ առնելով քեսապաբնակ գաղափարի ընկերուհիիս մէկ արտայայտութիւնը` Դաշնակցութիւնը միշտ գիտցած է, թէ ե՛րբ է բաշերը թափահարելու ժամանակը:

20 մայիս 2018
Լոս Անճելըս

Հայաստանի Իշխանափոխութեան Ներշնչած Յոյսերը Եւ Մտավախութիւնները

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան նուիրուած քննարկումներու հանդիպումներու վաղորդայնին, ինչպէս կ’ըսեն` brain stormingէ ետք, անմիջական ներկային եւ անմիջական վաղուան մասին մտածել մեղանչում պէտք չէ համարել:

Ժիւլ Վեռնկ երազեց հեքիաթի «Նոթիլիւս»ը, ժամանակակից գիտութիւնը եւ ճարտարագիտութիւնը ծով իջեցուցին հիւլէական ուժով բանող իրաւ «Նոթիլիւս»-ը:

Հաւանօրէն շատեր, մեկնելով նաեւ այլ ժողովուրդներու օրինակէն, կրնան ունենալ այն մտավախութիւնը, որ պատմութիւնը կրնայ կրկնուիլ նաեւ մեր պարագային… Այդպէս մտածողներ անպայման չարիքի գուշակներ չեն: Պատմութեան մէջ օրինակներ չեն պակսիր, երբ յոյսեր ներշնչած նոր իշխանաւորը կ’ըլլայ նախորդին հարազատ որդին: Պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք, երբ հաւաքականութիւնները կը կուրանան եւ կը խլանան զանազան պատճառներով` նիւթական, զգացական, կամ կողմնապաշտական, թոյլ տալով, որ ամբոխավարներ իրենց քիթէն բռնած` տանին այս կամ այն կողմ:

Հայաստանի մէջ կը ձեւաւորուի նոր կառավարութիւն` ժողովրդական պահանջի ալիքի վրայ: Փոխանցման շրջան մը կ’ապրի Հայաստանի պետութիւնը: Նոր կառավարութիւնը պիտի փորձէ բաւարարել ժողովրդական ակնկալութիւնները` յաւելեալ արդարութեան ենթահողի վրայ: Միաժամանակ կառավարութիւնը ազգային-պետական զոյգ քաղաքականութիւն պիտի մշակէ, պիտի առաջնորդէ, որ անհատներու սպասումներուն պատասխան պիտի չըլլայ, այլ` ազգի: Ազգը` Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)-ի, եւ այս պարագային գերիշխող պէտք է ըլլայ քաղաքական միտքը` ազգային հեռանկարներու, ինքնութեան եւ իմաստութեան լուսաւորումով:

Այդ իմաստութիւնը, առաջին հերթին, հանրային կարծիքը եւ իշխանութիւնը զերծ պէտք է մնան, պէտք է պահուին յաղթողի եւ պարտուածի տեսակ մը հոգեխոցէ (trauma): Եթէ երկիրը ինքզինք յանկարծ գտնէ նման կացութեան մէջ, կը մտնենք տեւաբար իշխանութիւն փոխելու խաղին մէջ, հողմապտոյտը մեզ կ՛առնէ իր յորձանքին մէջ, եւ երազուած «վերականգնում»-ները կը դրուին սպասման սենեակներու մէջ: Ոմանք պիտի դժգոհին եւ նախաձեռնութիւնները պիտի համարեն կիսամիջոցներ, ուրիշներ պիտի գտնեն, որ ձեռքբերումները կը դատապարտուին կորստեան:

Հոս կը սկսի մտաւորականութեան աշխատանքը, որ պարտի բացատրել. այն, ինչ որ կը կորսնցնենք հաւաքական կորուստ կ’ըլլայ, իսկ յաջողութիւնները կ’ըլլան երաշխիք` վաղուան վերականգնումի: Այս տարրական ողջախոհութեամբ եթէ առաջնորդուին ղեկավարութիւնները, ոչ միայն կառավարութիւնը, ժողովրդային շարժումը հասած կ’ըլլան իրենց նպատակին, փոխան` անձերու փոփոխութեամբ կրկներեւոյթներու (mirages) խաբկանքով գոհունակութիւն պատճառելու եւ անմիջապէս վերջ ծնունդ տալու դժգոհութիւններու ալիքի:

Իշխանափոխութիւնները ազգային անվտանգութեան հիմնական խնդրով հատուածական եւ կողմնապաշտական վերաբերում ունենալ չեն կրնար թոյլատրել իրենք իրենց: Մազաչափ անգամ պէտք չէ հեռանալ ազգային անվտանգութեան հիմնական սկզբունքներէն, որ կը նշանակէ, թէ առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններու` անհրաժեշտ է յառաջացնել առանց «թուքով կպցրած» ճապկումներու համախոհութիւն: Պարզ պէտք է ըլլայ, որ բանակը որեւէ պարագայի քաղաքական ազդակ պէտք չէ ըլլայ, պէտք չէ թոյլ տալ, որ ըլլայ: Թող ներուի ըսել, որ Հայաստանի հետ եւ Հայաստանի կողքին, սփիւռք(ներ)ը այդ անվտանգութեան նեցուկը պէտք է ըլլայ` առանց խուսանաւումներու, ինչ որ ըրած է ցարդ, առաւել կամ նուազ մարդկային եւ նիւթական Ազգային անվտանգութիւնը կ’ենթադրէ նաեւ միջոցներու ճիշդ եւ նպատակասլաց օգտագործումը, այդ միջոցները ըլլան զուտ դրամական-տնտեսական, թէ «գորշ նիւթի» (ուղեղի), այսինքն` մարդկային կարողութիւններու: Նափոլէոն կ’ըսէր, որ կը սիրէր բոլոր տեսակի լաւ մարդիկը, ամերիկացիները կ’ըսեն` ճիշդ մարդի ճիշդ դիրքին վրայ (the right man in the right place): Ես ինծի երազային այն իրաւունքը կու տամ ըսելու, որ այդ մարդը եթէ այդ ճիշդ մարդը, կը գտնուի Հայաստանի յետին գիւղը, առանց ըլլալու այս կամ այն կուսակցութեան անդամը, նոյնիսկ` սփիւռք(ներ)ի այս այն ծանօթ-անծանօթ քաղաքը, անվարան պէտք է զայն հրաւիրել` ոչ թէ յաւելեալ փառքի համար, այլ` յաւելեալ ծառայութեան: Ոմանք ցնորք (utopie, ուտոպիա) կրնան համարել նման միտք: Այն ատեն թոյլ թող տան ըսելու, ինչո՞ւ կը կրկնենք միասնութիւն, մէկութիւն եւ այլ հնչեղ ճառային բառեր: Ծով չունինք, բայց եթէ ունենայինք, ինչո՞ւ պաշտօնի պիտի չկոչէինք Չիլիի ծովուժի հայ ծովակալը… Միասնութիւն եւ մէկութիւն կ’ենթադրեն նաեւ ուժերու եւ կարողութիւններու մէկտեղում:

Այդ կարողութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ ունի հայկական դրամագլուխը, որ միասնական ուժի վերածուելու համար կարիք ունի վստահութեան, որ խախտած է անցեալ աւելի քան քառորդ դարու բացասական փորձով: Պիտի կարենանք հաստատել բոլոր մարզերու մէջ, մանաւանդ` տնտեսական դրական, առետուրի եւ ճարտարարուեստի, հողամշակութեան եւ փոխանակումներու, պարկեշտութեան, ազնուութեան եւ թափանցիկութեան մշակոյթ: Զարմանալի թող չթուի. այս մշակոյթը ստեղծելու պարտքը պէտք է ստանձնեն մամուլը եւ մտաւորականութիւնը` խստաբիբ հսկողութեամբ, դատական իշխանութիւններու կողքին:

Երբեմն արգիլուած պէտք չէ ըլլայ երազել, մանաւանդ երբ պատմութիւնը կ’ըսէ, որ աշխարհի բոլոր մեծ իրականացումները եղած են երազ: Ինչո՞ւ չստեղծել բարոյական հեղինակութեամբ գործող վերահսկող «ակումբներ», որոնք իրենց դիտարկումները կը յղեն համապատասխան հասցէներու եւ ապա կը հրապարակեն, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ազգին վերաբերող բոլոր կառոյցներու եւ նախաձեռնութիւններու վերաբերեալ:

Այս վերահսկող բարոյականացումը եւ այդ վերահսկողութիւնը ընդունող կառոյցները ազգին յառաջդիմութեան եւ հզօրացման ազդակները կ’ըլլան: Վստահութիւնը կը վերականգնի: Այն ատեն կրնանք հաւատալ, որ արտագաղթը կը կասի, տեղի կ’ունենայ հայրենադարձութիւն եւ միշտ ակնկալուող ազգի զաւակներու նիւթական եւ` իմացական կարողութիւններու լայնածաւալ ներդրում:

Յոյս ներշնչող իշխանափոխութեան այս օրերուն լաւ պիտի չըլլա՞յ լայն բանալ մեր միտքի հորիզոնը, նաեւ` հորիզոնները մէկութեան, միասնութեան եւ բոլոր լաւ բաներու, որոնց մասին կը սիրենք խօսիլ, եւ` կանգ առնել:

Ինչո՞ւ չհրաւիրել «իմաստուններու խորհուրդ» մը` ոչ էսթէպլիշմընթի եւ ո՛չ ափարաթչիքներու:

Այս ընել` խուսափելով, ինչպէս ընդունուած է ըսել «փայտեայ լեզուէ» (langue de bois), ստեղծելով միտքերու ազատ արտայայտութեան եւ բախման դաշտ: Այդպէս կը ծնին յղկուած եւ ճիշդ միտքերը:

 

13 մայիս 2018, Քուինզ, Նիւ Եորք

Լենինն Ու Ստալինը Կը Հաւատայի՞ն Աստուծոյ Գոյութեան

$
0
0

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Մինչեւ մահուան օրը մեծ աթէիստ Լենինը 
փոքրիկ ոսկիէ խաչ մը կը պահէր, որ իր մայրը նուիրած էր իրեն:

ԻՈՍԻՖ ՎԵՍԱՐԻՈՆՈՎԻՉ ՍՏԱԼԻՆ

Ըստ Դ. Տ. Եազովի, «Եկեղեցիին եւ հաւատացեալներուն Ստալինի ցուցաբերած օգնութեան մասին վաւերագրերով հաստատուած բազմաթիւ վկայութիւններ կան»:

Սակայն բուն խնդրին անցնելէ առաջ պատմեմ ձեզի այս հարցով իմ ունեցած փորձառութեան մասին:

Ծնած եմ Այնճար ու յաճախած` «Յառաջ» վարժարան: Նախակրթարանի մեր տնօրէնը կիսագրագէտ եւ ինքնահաւան քահանայ մըն էր: Աշխատասէր էր, պարտաճանաչ, կարգապահութեան չափազանց հետամուտ, սակայն չես գիտեր ինչո՛ւ` հայրենասիրութիւնը կը շփոթէր կրօնամոլութեան հետ. իսկ մարդակերտումի միջոցը կը համարէր խստաբարոյ պատիժներ: Այսինքն` Տէր Թոդիկի անհաւասարակշիռ ու աւելի դաժան տեսակը: Ամէն օր, ներառեալ` շաբաթ օրերը, առտու-իրիկուն պարտաւոր էինք ժամերգութիւններուն ներկայ ըլլալու եւ գործնապէս մասնակցելու բոլոր արարողութիւններուն, որոնք ո՛չ հետաքրքրական էին մեզի համար եւ ո՛չ ալ կապ ունէին դասերուն հետ: Իսկ կիրակի օրերը պատարագի սկիզբէն մինչեւ վերջ ստիպուած էինք լսելու տէրտէրի անախորժ «կռկռոց»-ն ու դպրաց դասի միապաղաղ երգեցողութիւնը, որոնք մեր մատղաշ ուղեղները «սղոցել»-էն զատ ուրիշ բանի չէին կրնար ծառայել: Հակառակ անոր որ բան մը չէինք հասկնար արարողութիւններէն, պատարագը գրեթէ գոց սորված էինք: Տէրտէրն ալ գրաբար չգիտնալու պատճառով աղօթքներն ու շարականները չէր բացատրեր մեզի: Իրեն համար աղօթքը «աղօթք» էր` հաւատքի եւ ազգասիրութեան ցուցանիշ. իսկ կրօնական եւ կարգապահական մոլեռանդութիւնը զինք կ՛առաջնորդէր վայրագութեան: Կը սարսափէինք իրմէ: Վա՜յ անոր, որ եկեղեցիի ծէսերէն կը բացակայէր, սխալ մը գործէր եւ կամ իր քմահաճոյքներէն (յաճախ անիմաստ) մէկն ու մէկը չկատարէր: Համեմատաբար թեթեւ յանցանքներու պարագային, երկարապատում շարականներ եւ աղօթքներ ընդօրինակել կու տար մեզի կամ ալ կը զրկէր մեզ կէսօրուան ճաշէն: Ծանր յանցանքներու (յատկապէս` իրեն պատասխան տալու) պարագային, գաւազանով եւ ոտքով կը ծեծէր մեզի անխղճօրէն: Նոյնի՛սկ գետին կը գլորէր շատերը եւ քացիներով կը հարուածէր այնքան անպատասխանատու կերպով, որ մեզմէ ոմանք տուն կ՛երթային կապտած մարմիններով: Ինչ կը վերաբերի յանցանքի թեթեւ ու ծանր տեսակը որոշելուն, այդ մէկը  կախեալ էր իր տրամադրութենէն: Ի դէպ, մենք ալ մեր հերթին այնքան ալ օրինակելի աշակերտներ չէինք, մենք մեր հաշիւներն ու խորամանկութիւնները ունէինք: Գիւղացիներէն շատեր կը տառապէին մեր չարութիւններէն ու կը գանգատէին իրեն: Այնուամենայնիւ այս տէրտէրի տգիտութեան եւ մանկավարժական սխալ սկզբունքներուն  պատճառով իմ սերունդէն առնուազն տասնեակ մը ընդունակ աշակերտներ դուրս մնացին դպրոցէն: Փաստօրէն զզուած էինք աղօթելէ ու գանած` եկեղեցիէն:

Երբ  երկրորդական կարգերը անցանք (մինչ այդ տէրտէրը «ստիպողաբար» մեկնած էր Միացեալ Նահանգներ) ու ծանօթացանք տարբեր վարդապետութիւններու եւ գաղափարախօսութիւններու, սկսանք կասկածիլ Աստուծոյ գոյութեան վրայ: Անձնապէս սարսափելիօրէն կը տառապէի այս հարցով: Մէկը չկար, որ տրամաբանական ուղղութիւն կամ գիտական բացատրութիւն տար` հերքելու կամ հաստատելու համար Աստուծոյ գոյութիւնը:

1971-ին Հայաստան մեկնեցայ եւ ընդունուեցայ Երեւանի պետական համալսարանի գրականագիտութեան բաժինը: Պարտադիր նիւթերու ցանկին մաս կը կազմէր նաեւ «Գիտական կոմունիզմ»-ը: Հակառակ անոր որ դասախօսը իր մասնագիտութեան քաջատեղեակ եւ համակրելի անձնաւորութիւն մըն էր, ընկերներս կը զարմանային, թէ ինչո՛ւ «հաւատարմօրէն» կը հետեւէի «Գիտական կոմունիզմ»-ի դասընթացքներուն, երբ  իրենցմէ շատեր  կը բացակայէին դասապահերէն ու հետապնդող չկար: Անոնք չէին կրնար հասկնալ ներքին տուայտանքներս ու տագնապներս: Յոյս ունէի, որ «Գիտական կոմունիզմ»-ը պիտի կարողանար ապացուցել Աստուծոյ չգոյութիւն մը: Սակայն պատահեցաւ հետեւեալը:

Այսպէս. առաւելագոյն ճշմարտութեան հասնելու եւ վերջնականապէս համոզուելու համար նուրբ եւ խրթին հարցեր կու տայի դասախօսին: Օր մը, երբ վերլուծութեան կ՛ենթարկէր տիեզերքի եւ կեանքի սկզբնաւորութեան իրերամերժ տեսութիւնները, հարցուցի.

Եթէ ի  սկզբանէ կար նիւթը, Աստուծոյ բացակայութեան պարագային, առանց բանականութեան եւ դատողութեան գոյութեան, ինչո՞ւ եւ ի՞նչ նպատակով գոյութիւն ունէր ան կամ ինչո՞վ  իմաստաւորուած էր անջրպետը:

Դասախօսը թէեւ փորձեց բացատրութիւններ տալ, սակայն ատոնք ո՛չ սպառիչ էին եւ ո՛չ ալ` համոզիչ: Երբ զգացի, որ նեղ կացութեան մատնուեցաւ, խոհեմաբար լռեցի: Դասապահի աւարտէն ետք, միջանցքին մէջ ան թեւս մտաւ, մէկ կողմ քաշեց ու ցած ձայնով ըսաւ.

Ընկե՛ր Հերկելեան, գիտեմ, որ արտասահմանից ես եկել եւ հաւանական է, որ հաւատացեալ լինես:  Ես էլ եմ հաւատում Աստուծոյ գոյութեան: Իմ գիտահետազօտական որոնումների մէջ եկել եմ այն համոզման, թէ ինչ որ գերբնական ուժ պէտք է, որ լինի: Առանց այդ ուժի` չի կարելի բացատրել ո՛չ կեանքի եւ ո՛չ ալ տիեզերքի առաջացումն ու գոյութիւնը: Ես կուսակցականի իմ պարտականութիւնս եմ կատարում:  Շատ կ՛ուզենայի դրսում հանդիպել քեզ հետ:

Պատկերացուցէք,  որ այս խօսքերը կը լսէք Խորհրդային Հայաստանի մէջ, 70-ականներու սկիզբը եւ այն ալ` «Գիտական կոմունիզմ»-ի դասախօսին բերնէն: Անակնկալը ցնցող էր եւ խրախուսիչ` միաժամանակ: Երկվայրկեաններու ընթացքին տարբեր ուժգնութեամբ եւ հակադիր զգացումներ ու մտածումներ խճողեցին միտքս: Յուզուած էի, բայց` բաւարարուած: Գլխու շարժումով նշան ըրի, որ համաձայն եմ հանդիպման:

Հանդիպեցանք: Երբ իմացաւ` ո՛վ եմ եւ ի՛նչ շրջանակէ կու գամ, ըսաւ.

Ես միակ համայնավարը չեմ,  ինձ նման շատեր կան, որոնք հաւատում են Աստծուն: Անոնցմէ ոմանք ուխտ են անում եւ գաղտնի աղօթում նաեւ: Նոյնի՛սկ խօսք կայ, որ Լենինի ու յատկապէս Ստալինի նման առաջնորդներ եւս թաքուն հաւատացեալներ են եղել: Մի խնդրանք ունեմ: Շատ կ՛ուզենայի, որ Սուրբ գիրքի, Հին եւ Նոր կտակարանների ամբողջական օրինակը ունենայի իմ գրադարանում: Հայաստանի մտաւորականներէն շատ շատեր ծարաւը ունեն ոչ միայն Աւետարանի, այլ առհասարակ` արտասահմանեան գրականութեան:

Խոստացայ եւ խօսքիս տէրը եղայ:

***

Վերջերս կարդացի «Ստալինի սիրուհու խոստովանանքը» փաստավաւերագրական վէպը (որակումը հեղինակինն է), որ ռուսերէնէ հայերէնի թարգմանուած է Ռ. Ղազանչեանին կողմէ, հրատարակուած` 1999-ին, Երեւան: Ստալինի մտերիմ սիրուհիներէն մէկը (գուցէ ամենամտերիմը)` Վերա Ալեքսանտրովնա Դաւիթովան պատմած է իր յուշերը ու գրի առած` Լէոնարտ Կետլինը: Այս գիրքէն փրցուած եւ ստորեւ տրուած հատուածները կարդալէ առաջ պէտք է նկատի առնել, որ Ստալինի բուն անունն Եոսեֆ Վեսարիոնիծէ Ճուղաշվիլի էր: Ծնած է Վրաստանի Գորի գիւղը եւ ուսանած` Թիֆլիսի Ուղղափառ վանքի հոգեւոր ճեմարանը: Ոմանց կողմէ անոր վերագրուած է օսեթական եւ ուրիշներու կողմէ հայկական ծագում: Բացի վրացերէնէ եւ ռուսերէնէ` կը խօսէր ու կը հասկնար նաեւ այլ լեզուներ, ինչպէս` գերմաներէն, անգլերէն, օսեթերէն, հայերէն եւ այլն:

Թէեւ պատճառ մը չունինք չհաւատալու Դաւիթովայի վկայութիւններուն, այնուամենայնիւ եզրակացութիւնը կը վերապահենք ընթերցողի դատողութեան:

 

—————————————

Վերա Ալեքսանդրովնա Դավիդովային ծանօթացայ 1945 թուականի վերջերին: Մենք անմոռանալի եւ հետաքրքրական շատ հանդիպումներ ունեցանք: Ստալինի մահից յետոյ նա ինձ հարցրեց.

– Դուք համարձա՞կ մարդ էք:

– Նայած,- պատասխանեցի ես:

– Յիշելու բան կայ: Կը ցանկանա՞ք ձայնագրել դերասանուհի-կնոջ պատմածը: Չեմ առարկի, եթէ այն վէպ դառնայ: Դա նոյնիսկ աւելի լաւ է, վաւերագրութիւնը պարտաւորեցնող է:

Ես հաստատակամ պատասխան տուեցի:

– Ինչո՞ւ որոշեցի կատարել այդ պատասխանատու եւ համարձակ քայլը, ձեզ իրազեկ դարձնել Ստալինի բոլորովին անյայտ կեանքին, որի հետ ես 19 տարի մտերմիկ կապի մէջ էի,- նեարդայնօրէն շուրթերը կրծոտելով ասաց Վերա Ալեքսանդրովնան: – Գուցէ կարծում էք, թէ ինձ լրացուցիչ փա՞ռք է հարկաւոր կենդանութեանս օրօք կամ աղմկոտ-զգայացունց պատմութի՞ւն` լաւագոյն աշխարհի գնալուց յետոյ: Եթէ այո, սխալւում էք: Ես Ռուսաստանի խորհրդային սոցիալիստական ֆետերաթիւ հանրապետութեան ժողովրդական դերասանուհու եւ Վրացական խորհրդային հանրապետութեան ժողովրդական դերասանուհու պատուաւոր կոչումներ, շքանշաններ եւ մետալներ ունեմ: Երեք անգամ Ստալինեան մրցանակ եմ ստացել: Դրամական կուտակումներից բացի, անհատական թոշակ եմ ստանում, Թիֆլիսի երաժշտանոցի փրոֆեսէօր եմ, խորհրդատուութիւններ, մասնաւոր դասեր եմ տալիս: Հաւանաբար, կարող է մտածէք, որ զայրացած եւ ինչ-որ մի պահի մէջ լքուած սիրուհին որոշել է վրէժ լուծել նախկինում ամենազօր, իսկ այժմ մեռած առաջնորդից: Ոչ, դա այդպէս չէ: Ես գիտէի, որ Ստալինն ինձ սիրում էր իւրովի, եւ մշտապէս անհամբեր իմ գալուն էր սպասում: Բայց միայն այժմ, երբ նա չկայ, ես կարող եմ ասել, որ բոլոր տարիներին ստիպուած եմ եղել ձեւացնել, կիրք ցուցադրել:

Ես դերասանուհի եմ: Եւ ահաւասիկ, արար աշխարհում ոչ մէկին չհաւատացող Ստալինը մինչեւ վերջ հաւատաց ինձ: Թերեւս, մի մարդ էլ կար, նրա օգնականներից ամենահաւատարիմը` Ալեքսանդր Նիկոլայեւիչ Պոսկրեբիշեւը:

***

Կրկին կախարդական Սուխում քաղաքում ենք:

– Սարսափելի յոգնել եմ,- ճաշի ժամանակ ասաց Ստալինը,- Վերոչկա, ուժ հաւաքենք: Լաւ է, որ յաջողուեց ջրի երես հանել իտալացի մակարոն Տոլեատիին: Դուք մեզ անգնահատելի ծառայութիւն էք մատուցել:

Իոսիֆ Վիսարիոնովիչը բացարձակապէս մոռացել էր ոտքով քայլելը, չէր կարողանում լեռները մագլցել, չէր սիրում շարժուել, անտարբեր էր բնութեան հմայքների հանդէպ: Նոր Աֆոնի վանքի աբեղաներին նա խոշոր գումար տուեց: Երբ աղօթող աւագանիները շրջապատեցին, հարցրեց.

– Ճանաչո՞ւմ էք ինձ:

– Ոչ, – միաձայն պատասխանեցին աբեղաները:

– Դուք երբեւիցէ լսե՞լ էք Ստալինի մասին:

– Ոչ, չենք լսել:

– Ուրեմն աղօթէք նրա հոգու համար:

Հնամենի վանքի կամարների ներքոյ հնչեց խուլ ձայնը.

– Շատ լաւ, սիրելիս, կ՛աղօթենք Աստուծոյ ծառայ Ստալինի համար, նրա մեծուփոքր մեղքերի համար, միայն թէ ասա, անունն ինչ է, որպէսզի չսխալուենք մեր աղօթքներում:

Փոքր-ինչ մտածելուց յետոյ Ստալինն իր անունն ասաց:

Մագաղաթեայ դէմքով աբեղան խոժոռուեց:

– Եկեղեցին ոչ մէկին չի արգելում աղօթել: Դիտաւորեալ չարագործութիւններ կատարած յանցագործների մօտ է ուղարկում հոգեւոր հայրերին, մահուան դատապարտուածներն իրաւունք ունեն ապաշխարելու: Մինչ այս վշտալի ժամը ես երբեք չէի տեսել Ի. Ստալինին: Դու գիտենաս, մարդ Աստծոյ, որ լուրը քամուց առաջ է անցնում: Մարդիկ ասում են, որ Ստալինի դաժանութիւնը սահման չունի: Ասա ինձ, ճի՞շդ է: Մի վախեցիր, ես ուզում եմ օգնել քեզ:

Ստալինը լռելեայն գլուխ տուեց ծերունուն:

– Կանացի գործ չէ տղամարդկանց զրոյցը լսելը,- խստօրէն ասաց աբեղան:

Երկու ժամի չափ սպասում էի Իոսիֆ Վիսարիոնովիչին: Ամբողջ օրուայ ընթացքում նա մռայլուած էր, հաւանաբար մանկութիւնն էր յիշել, որը աղօթքների, գիշերային հսկումների, անվերջանալի խնկարկումների մէջ էր անցել:

– Մենք պէտք է ժողովուրդին վերադարձնենք աղօթելու օրինական իրաւունքը, արդարացի չէ մարդկանց հաւատից զրկելը: Ռուս ժողովուրդը չի կարող առանց Աստծոյ ապրել:

Զեկուցեցին, որ շտապ գործով ժամանել է կուսակցութեան Մոսկուայի քաղաքային կոմիտէի քարտուղար Ն. Ս. Խրուշչովը: Ստալինը պոռթկաց.

– Այ քեզ պնդերես մուժիկ:

– Ընկեր Խրուշչովը խնդրում է, որպէսզի դուք նրան, որքան հնարաւոր է, շուտ ընդունէք:

Դուք դա արդէն ասացիք, ինչո՞ւ էք կրկնում: Թող Մոսկուա վերադառնայ:

– Ընկեր Խրուշչովը ընդունելութիւն է պահանջում հէնց այժմ:

– Լաւ, թող ներս գայ:

Խրուշչովը ցոյց տուեց իբր ինձ չի ճանաչում:

– Ինչո՞ւ էք ձեւացնում, մի՞թէ չէք ճանաչում Մեծ թատրոնի մեներգչուհի Վ. Ա. Դավիդովային: Օրերս Տոլիատիի հետ նրա յատակն էք տակնուվրայ արել: Ընկեր Խրուշչով, մենք Քաղաքային բիւրոյում, ձայների մեծամասնութեամբ որոշեցինք ձեզ պալէի մենապարողի պաշտօնին տեղափոխել:

– Ընկեր Ստալին, ես վատ պարող եմ:

– Ի՞նչ է պէտք,- կտրուկ ձայնը բարձրացնելով` հարցրեց Ստալինը:

– Ես պէտք է միայն ձեզ հետ խօսեմ, առանց օտար անձանց:

– Մենք, Նիքիթա Սերկէյեւիչ, պաշտօնական վայրում չենք, հինգ րոպէ ունէք:

– Գտնուել է այն մարդը, որը համաձայնել է Թրոցքուն վերացնել: Իր աշխատանքի դիմաց նա ցմահ թոշակ է ուզում` տոլարով:

Ստալինը ուրախացաւ.

– Նման գործի համար, ձեզ, ընկեր Խրուշչով, Լենինի շքանշանով կը պարգեւատրենք: Աշխատէք հետքեր չթողնել, մտածէք, թէ ինչպէս էք յետոյ Թրոցքու մարդասպանին, նրա մտերիմներին վերացնելու: Այդ տականքն իրաւունք չունի երկրի երեսին քայլելու:

– Թոյլ տուէք երկրորդ հարցը տալ,- աշխուժով խօսեց Խրուշչովը,- ես հրամայել եմ Մոսկուայում եւ Մոսկուայի մարզում 79 գործող եկեղեցիներ փակել, իսկ առաւել աշխուժ եկեղեցականներին դատի ալ:

– Խրուշչով, դու անիշխանական ես: Բատկա Մախնոն քեզ հարազատ որդու պէս կը սիրէր:

Նիքիթա Սերկէյեւիչը երկար էր յիշելու Ստալինի այդ «հաճոյախօսութիւնը»:

– Եկեղեցականներին պէտք չէ ձեռք տալ: Տեսէք, թէ ինչպէս է աչքի ընկել մեր «բանուորական բանաստեղծ» Տեմիան Պետնին: Ով է նրան թոյլ տուել ձեռ առնել Սուրբ գիրքը: Շտապ կարգով պէտք է շրջանառութիւնից հանել նրա «Աստուածաշունչ` հաւատացեալների եւ անհաւատների համար» գիրքը:

Խրուշչովը` զգուշօրէն.

– Մոսկուայի քաղաքային դատարանում 51 ծառայողներ քննութեան տակ են:

– Անյապաղ հրահանգէք, որպէսզի բոլորին բաց թողնեն: Դուք ազատ էք, ես ձեզ այլեւս չեմ զբաղեցնի:

Երբ նստած էինք պատշգամում, Ստալինը հարցրեց.

– Վերա Ալեքսանդրովնա, դուք գո՞հ էք ձեր ճակատագրից:

– Այո, Իոսիֆ Վիսարիոնովիչ, խորին շնորհակալութիւն ամէն ինչի համար, ես երջանիկ եմ, որ մենք հանդիպեցինք:

– Ինձ թուաց, թէ դուք խոճկոր Խրուշչովին դուր եկաք: Մօտ ժամանակներս նա բտուած որսաթռչուն կը դառնայ: Նա մեծ լովելաս է եւ գեղեցիկ կանանց ճամբայ չի տալիս: Սիրում է նաեւ ոգելից ըմպելիի շշերը:

– Մի՞թէ դրանում ես մեղաւոր եմ:

– Փալաս Տոլիատի՞ն էլ էր ձեզ հաճոյախօսութիւններով ձանձրացրել:

– Նա ինձ Իտալիա էր հրաւիրում` վոքալ վարպետութեամբ զբաղուելու երաժշտանոցի փրոֆեսէօրների մօտ:

– Եւ դուք հալուեցի՞ք, ինչպէս առաջին ձիւնը կիզիչ արեւի տակ:

– Ոչ, ի՞նչ էք ասում, լռում էի:

– Լռութիւնը համաձայնութեան նշան է:

– Ոչ միշտ, Իոսիֆ Վիսարիոնովիչ:

– Այսօր երեկոյեան մեզ հիւր է գալու Նոր Աֆոնի վանքի աբեղան, մենք պէտք է լաւ ընդունենք նրան:

– Իոսիֆ Վիսարիոնովիչ, ասացէք խնդրեմ, հաւատո՞ւմ էք Աստծուն:

– Վերոչկա, առանց Աստծու ապրել չի կարելի: Նա միշտ մեզ հետ է: Մինչեւ մահուան օրը մեծ անաստուած Լենինը փոքրիկ, ոսկեայ խաչ էր պահում, որը նրան մայրն էր նուիրել:

Ինքնաշարժը մռայլ, ճգնաւորի դէմքով աբեղային բերեց: Դորմիդոնտ Գրադապոլովը Ստալինին շքեղ, արծաթադրուագ Աւետարան նուիրեց:

Ուտել-խմելուց աբեղան ձեռնպահ էր: Ստալինը նրան հարցրեց.

– Ի՞նչ խնդրանք ունէք:

– Պետութիւնը սրբատեղիների վրայ շատ մեծ տուրքեր է դրել: Եկամուտ չունենք, նուիրեալները քիչ են, երեւում է, ժողովուրդը փող չունի:

Իոսիֆ Վիսարիոնովիչը լուռ, ակնդէտ նայում էր նրան: Աբեղան յոտնկայս շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրասիրութեան համար:

Յաջորդ օրը, նախաճաշի ժամանակ Ստալինն ասաց.

– Երէկ դժբախտութիւն է պատահել, մեր հիւրը` աբեղան, որը երկար կեանք էր մաղթում, բեռնատարի տակ է ընկել: Մեղք է ծերուկը, արի խմենք, որ հողը թեթեւ լինի վրան:

Ստալինը կանչեց Լաքոպային եւ պահանջեց փոխել վանքերի տուրքերը:

– Նեսթոր Ափոլոնովիչ, դու խելօք մարդ ես, ծրագրաւորուած միջոցներն աշխատիր այլ տեղից հայթայթել: Աբխազիայում մենատնտեսներն են շատացել` վարսավիրները, ժամագործները, իւրաքանչիւր անկիւնում ճաշարան, խորովածանոց, սրճարան, պար: Թոյլ եմ տալիս նրանց երեք կաշին հանել, բայց եկեղեցիներին հանգիստ թող:

Երկրորդ հեռախօսը զանգահարեց:

– Վերա Ալեքսանդրովնա, լսափողը վերցրէք, իմացէք, թէ ով է զանգահարում,- ասաց Իոսիֆ Վիսարիոնովիչը:

– Չգիտեմ, թէ ինչ պատասխանեմ, ձեզ անձնական գործով զանգահարում է Մեծ թատրոնի մեներգչուհի Օլկա Լեփեշինսքայան:

Ստալինը մօտեցաւ հեռախօսին, զայրոյթով լսափողը ճանկեց.

– Ընկեր Լեփեշինսքայա,- ֆշշացրեց նա,- ով է իրաւունք տուել այստեղ զանգահարել, – Իոսիֆ Վիսարիոնովիչը լսափողը ցած նետեց:

– Այս աշխարհում հանգիստ չունենք, Վերոչքա, արի Սոչի գնանք,- դաւադիր կշռոյթով ասաց Ստալինը: Քարտուղարին կանչեց,- ինքնաշարժ պատրաստէք, նաւակի կապիտանին զանգահարէք, եղանակի տեսութիւնը բերէք, 30 րոպէ յետոյ մենք Սոչի ենք մեկնում, այնտեղ աւելի հանգիստ է:

– Ընկեր Ստալին, նաւերին լողալ թոյլատրուած է,- առանց կմկմալու պատասխանեց վարժեցուած քարտուղարը:

– Վերոչքա, պատրաստուէք:

– Իոսիֆ Վիսարիոնովիչ, Սուխում կը վերադառնա՞նք:

– Յետոյ կ՛իմացուի:

Սոչիում մեզ հինգ ինքնաշարժ ուժեղացուած պահակախումբ էր սպասում եւ Փոլինա Սերկէյեւնան:

– Բարի գալուստ, թանկագին հիւրեր,- ասաց նա` մեկնելով թարմ ծաղկեփունջը:

Համբուրուեցինք Փոլինա Սերկէյեւնայի հետ: Ընթրիքից յետոյ ամերիկեան շարժանկարներ էինք դիտում: Գիշերուայ ժամը երեքին Ստալինը եկաւ: Նրան հարցրի.

– Իոսիֆ Վիսարիոնովիչ, Լեփեշինսքայան ումի՞ց կարող էր վերցրած լինել Եալթայի ձեր անձնական հեռախօսահամարը:

– Եթէ կինը չի խանդում, ուրեմն չի սիրում, միայն ստիպուած է իր պարտականութիւնները կատարել տղամարդու նկատմամբ:

– Դուք իմ հարցին չպատասխանեցիք:

– Կարծում եմ, որ հեռախօսահամարը, նա Լաքոպայից է վերցրել, որի հետ Մոսկուայում է մտերմացել:

Կողքից կարելի էր կարծել, թէ մենք միմեանց սիրող մարդ ու կին ենք:

– Վերոչքա,- խուլ ձայնով ասաց Ստալինը,- անկեղծ ասած, ես մտածել էի ձեզ հանգիստ թողնել: Բայց գիտե՞ս ինչ, երբ երկար ժամանակ երեսդ, քո հմայող աչքերը չեմ տեսնում, դու երազիս ես գալիս: Աւելի ու աւելի եմ համոզւում, որ առանց քեզ ապրել չեմ կարող:

Փառք Աստուծոյ, որ օգնեց ինձ բացայայտելու նրա դաւաճանութիւնը: Ստալինը կարող է շոյել եւ սպաննել, կրքոտ համբուրել եւ յաջորդ օրը տանջել Լուպիանքայի կամ Պութիրքայի պատերի ներսում: Ես, անշուշտ, չհաւատացի, թէ աբեղան պատահաբար է յայտնուել բեռնատարի անիւների տակ:

– Վերոչքա, դու ինձ երջանկութիւն ես բերում,- հեւում էր Ստալինը,- դու իմ անմահական ջուրն ես, ես միշտ քեզ մօտ կը վերադառնամ,- էքսթազի մէջ մռնչում էր Իոսիֆ Վիսարիոնովիչը:

***

Սեւ ծովը: Լողափը: Մերսումներ: Ստալինը եւ նրա անյագ, գազանային գրկախառնութիւնները: Նախաճաշերը, ընթրիքները: Արտասահմանեան շարժանկարների դիտումները: Անվերջանալի հիւրերը: Աշխարհիկ շատախօսութիւնները Պոլինա Սերկէյեւնայի հետ:

Շատ շուտ խամրեց այդ արձակուրդային գեղադիտակը:

1936

Ստալինի ամարանոցում էին Եժովը, Մալենքովը, Շքիրեաթովը, Վիշինսքին, Մոլոթովը, Քատանովիչը, Վորոշիլովը, Անտրէյեւը: Գնդլիկ, ճերմակամորթ Վալեչքան զգուշօրէն իր քսմսուած դէմքը առանձնասենեակի դռնից ներս մտցրեց:

– Նա՞ էլ է վիժեցրել:

– Այո, ոչ շատ, կարծեմ` ընդամէնը հինգ անգամ:

– Ինչ պահանջներ ունես դերասանուհի Վերա Ալեքսանդրովնա Դավիդովայից:

Վիշինսքին աշխուժացաւ:

– Եակոտան քննիչներին յայտնել է, որ նա վերջինիս հաւաքագրել է թրոցքիստական կազմակերպութեան մէջ:

– Ապուշ, հաւատո՞ւմ ես ասածիդ, փաստացի ապացոյցներ ունե՞ս:

Ես «թաքստոցից» դուրս եկայ, մօտեցայ Վիշինսքուն:

– Ընկեր Ստալին, գլխաւոր դատախազը իմ սէրն է հայցում: Մի քանի տարի է, նա շանթաժով է զբաղուած:

– Վիշինսքի, նայիր աչքերիս, Դավիդովան ստո՞ւմ է: Ինչո՞ւ ես լռում, հո թութակ չես, որ վախից լեզուդ կուլ ես տուել:

– Իոսիֆ Վիսարիոնովիչ, ես սիրում եմ Վերա Ալեքսանդրովնային եւ պատրաստ եմ ծնկաչոք ներողութիւն խնդրել:

– Խնդրիր, ով է քեզ խանգարում:

Մեծամիտ դատախազը ծնկի եկաւ:

– Վերա Ալեքսանդրովնա, պաղատագին խնդրում եմ…

– Յիշիր, թէ ինչ կ՛ասեմ քեզ,- Ստալինը դանդաղ էր խօսում:- Թէ մէկ անգամ էլ այս թեմային վերադառնանք, առանց այլեւայլութեան քեզ Լուպիանքա կ՛ուղարկեմ: Իսկ հիմա կորիր աչքիցս:

Ստալինը առաջարկեց միասին դիմաւորել Նոր տարին:

– Վերոչքա, խոստանում եմ, որ ոչ ոք չի լինի, յոգնել եմ մարդկանցից, նրանց շատախօսութիւնից:

Երբ տեղ հասայ, նա հարցրեց.

– Ոնց ես կարծում, Աստուած գոյութիւն ունի՞:

– Խորը չեմ մտածել այդ հարցի շուրջ, սակայն ինձ թւում է, մի ինչ որ գերբնական ուժ է մեզ ղեկավարում, այլապէս երկրի վրայ կենդանութիւն չէր լինի: Կարծում եմ, որ Աստուած կայ…

Կէս գիշերին մենք երկար քայլում էինք ձմեռային այգում: Ամէն մէկս առանձին մտածում էինք ինչ որ բանի մասին:

Վերադարձին Ստալինը մտածկոտ ասաց.

– Վերոչքա, ես հաւատացած եմ, որ այլեւս Վիշինսքին ստոր առաջարկներով քեզ չի անհանգստացնի, նա արժանի պատասխան ստացաւ:

– Իոսիֆ Վիսարիոնովիչ թանկագինս, դուք իսկական ասպետ էք, տղամարդկանց մէջ ամէնից շատ այդ յատկանիշներն եմ գնահատում:

– Մեզ հաճոյախօսութիւն պէտք չէ, պալէի պարուհի Օլկա Վասիլենա Լեփեշինսքայան նամակ է ուղարկել, որ իրեն նեղում են թատրոնում:

– Իոսիֆ Վիսարիոնովիչ, գիտցած եղէք, որ աղջիկը վախկոտներից չէ, կարող էք չանհանգստանալ:

Ստալինը ըմբռնումով ժպտաց:

– Տուն մեկնենք, մի քիչ վատ եմ զգում:

– Վերջին շրջանում ծանրանո՞ւմ եմ ձեզ վրայ:

– Ոչ, թանկագինս, պարզապէս յոգնել եմ:

Տանը` ծաղկեզամբիւղներ. Մալենկովից, Եժովից, Փոսքրեպիչէից, Մոլոթովից, Պուկեոննուց, Միկոյեանից եւ անգամ` Վիշինսքուց: Գրասեղանին` հեռագրեր: Դրանց մէջ կառավարականը` Բերիայից:

Գիշերուայ ժամը 2:00-ին Մեյերխոլտներին այցելեցի: Հիւր էին եկել Ս. Մ. Էյզենշթեյնը եւ նրա գրական աշխատող Սաշա Կլատքովը:

Թախծոտ Վարպետը մի երկու գաւաթ օղի խմեց: Ցրուած պատուհանից դուրս էր նայում: Հոգուս մէջ զգում էի, որ Վսեվոլոտ Էմիլեւիչը ուրախ է իմ գալստեան առթիւ: Ես նրան պատմեցի Մալենքովի հետ ունեցած իմ զրոյցի մասին:

– Վերա Ալեքսանդրովնա, դուք լաւ ընկեր էք,- ասաց Վարպետը,- ես երախտապարտ եմ իմ ճակատագրի մէջ ունեցած ձեր մասնակցութեան համար: Լաւ ըմբռնէք ստեղծուած իրադրութիւնը եւ հասկացէք. Մեյերխոլտը իրաւունք չունի դէմ գնալ իր խղճին: Ես երբեք իմ պատիւը չեմ վաճառել:

Մեզ մօտեցաւ լացակումած, բզկտուած Զինայիտա Ռայխը:

– Վսեվոլոտ, թանկագինս, աղաչում եմ, յանձնուիր: Իշխանութիւնը մեզանից զօրեղ է, համոզուած եմ, որ Սերեոժա Էյզենշթեյնը եւ Սաշա Կլատքովը, քո սիրելի աշակերտները, համամիտ կը լինեն:

– Զինոչքա, ասաց Վարպետը,- ես ի վիճակի չեմ իմ սկզբունքներից հրաժարուել, ի վիճակի չեմ իմ խիղճը թաղել: Կառափնարանը դեռեւս ամենասարսափելին չէ, աւելի սարսափելին ուխտադրժութիւնն է:

***

– Հիանալի թեմա էք ընտրել: Իվան Ահեղի մասին մենք յատուկ կը զրուցենք:

Վորոշիլովը եկաւ: Նա ասաց, որ յաջողութեամբ է անցնում Արեւմտեան Ուքրանիայի եւ Արեւմտեան Պիելոռուսիայի ազատագրման «գործողութիւնը»: Ստալինը` ուրախացած.

– Այդ ժողովուրդներին մենք կը սովորեցնենք խորհրդային օրէնքներով ապրել: Մեր սահմանադրութիւնը բոլորի համար հաւասար է:

Երեկոյեան, զբօսանքի ժամանակ Իոսիֆ Վիսարիոնովիչը հարցրեց մարշալին.

– Եֆրեմիչ, ասում են, որ երկու կնիկ ես պահում, մէկը` հրէուհի Եքաթերինան, օրինականը, միւսը` ուղղափառ Օլկա Լեփեշինսքայան: Ծերուկ, ո՞ւմ ես առաւելութիւնը տալիս:

– Իոսիֆ Վիսարիոնովիչ, Աստծուց վախեցէք,- կմկմաց ցնցուած Վորոշիլովը:

– Աստուած միշտ մեզ հետ է,- բարոյախօսեց Ստալինը,- եւ դու նրան վաղուց ես կորցրել: Ահա, Քաղաքային բիւրօ կը կանչենք կնոջդ եւ նրան կը պատմենք, թէ ինչպիսի անպէտք գործերով է զբաղւում ազատ ժամանակ Պաշտպանութեան ժողովրդական կոմիսարը: Կլիմ, դու իսկապէս մեծ ռազմավար ես, մի՞թէ մի կինը քիչ է քո համար: Դեռ Գերագոյն խորհրդի պատգամաւոր էլ ես: Բարոյական ինչպիսի՞ օրինակ ես ծառայելու շարքայինների եւ հրամանատարական կազմի համար:

Ստալինը բացայայտօրէն ձեռ էր առնում նրան, այն էլ` իմ ներկայութեամբ: Վորոշիլովը դժգունում էր, քրտնում, շիկնում:

– Ձեր դիտողութիւնները հաշուի կ՛առնենք, կ՛աշխատեմ ուղղուել:

– Ես լուսանկարներն եմ տեսել, մերկ պարուհին նստել էր քո մաշուած բանուորական ձուերի վրայ:

Վորոշիլովը վախեցած ճչաց.

– Չի կարող պատահել:

– Զաքովսքու մօտից մի քանի ալպոմներ են բռնագրաւուել: Հարցեր ունե՞ս:

Մարշալը ծլկեց:

Յայտնուեցին անբաժան ընկերները` Մալենքովն ու Բերիան, Մոլոթովը, Քականովիչը, ծերացած-կուրացած Քալինինը: Ճոխ ընթրիքը շարունակուեց մինչեւ լուսաբաց: Բերիան այստեղ էլ նախաձեռնութիւնն իր ձեռքը վերցրեց: Ինչ-որ տեղից «Ռոմեն» թատրոնի գնչուներին էր ճարել: Հիանալի էր երգում ջահել, սիրունատես Լեալեա Չեոռնայան: Քականովիչը աչքերով ուտում էր նրան: Ստալինը դա նկատեց.

– Լազր, տես բկիդ չկանգնի:

Յագեցանք Սոչիով: Իոսիֆ Վիսարիոնովիչը առաջարկեց արձակուրդն աւարտել Մերձմոսկուայում:

– Թանկագին ժողովրդային կոմիսարները թող մնան, իսկ մենք, Վերոչքա, նրանցից փախուստ կը տանք դէպի Մոսկուա:

Գիւղ-ոլորտի հիմնահարցը եւ մեր երկրի լինելիութեան բանալին

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Այսօր պէտք է ընդունինք, որ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան զարգացման խնդիրները, լաւագոյն պարագային, քննարկման առարկայ եղած են երկրի հողագործութեան եւ անասնապահութեան ոլորտներու շուկայական տուեալներով միայն առանց լիարժէքօրէն խորանալու հարցին մարդկային, ընկերային, ժողովրդագրական, մշակութային եւ աշխարհաքաղաքական եւ ազգային պաշտպանութեան եզրերու վերլուծման մէջ։ Գէթ այդ է, որ ցոյց կու տայ իրերայաջորդ իշխանութիւններու կողմէ ցարդ կիրարկուած քաղաքականութեան ստուգանիշներու զննութիւնը։ Բոլոր երևոյթները ցոյց կու տան, որ գիւղը, որպէս ամբողջական կենսահամակարգ, մաս չէ կազմած երկրի զարգացման ընդհանուր տեսլականին։ Գիւղն ու հողը դիտուած են որպէս սոսկ շահագործման աղբիւր, որմէ պէտք է քամել կարելի առաւելագոյնը անոր տալով միայն կարելի նուազագոյնը։ Պարզ խօսքով, տալ այնքան միայն՝ որ գիւղը կարողանայ «շնչել» եւ իր զրկուած գոյութիւնը քաշքշել սերունդէ սերունդ։

Այսպէս է, որ հայոց երկրի գիւղ-ոլորտը – այսինքն մեր պատմութեան հրաշակերտ ներոյ՛ժը – լքուած է իր բախտին նախ խորհրդային իշխանութեան տարիներուն եւ յետոյ նաեւ այս երկրորդ անկախ պետականութեան առաջին երեք նախագահներու օրով եւ այս եպերելի կացութիւնը դեռ կը շարունակէ գործել իր աւերը։ Այն ինչ, որ Թումանեան էր ու Համօ Սահեան եւ իր պարզութեամբ, իր նախնականութեամբ, իր բարութեամբ ու վիպականութեամբ կը գրաւէր մեզ 1991-ին, այսօր արդէն անընդունելի է եւ վիրաւորակա՛ն։ Եւ այս մէկը, առաջին հերթին, գիւղաշխարհի մեր ժողովուրդի արժանապատւութեա՛ն հաշւոյն։ Հարիւր հինգ տարի առաջ լոյս տեսած Աւետիս Ահարոնեանի «Շուէյցարական Գիւղը», որ մեր գիւղաշխարհի ողբերգութեան քննական բացայայտումն է, այսօր եւս կը պահէ իր լիարժէք ճշմարտացիութիւնը։ Եւ ընդունինք, որ այս մէկը մեր ազգային ամօթն է, զոր այլեւս կարելի չէ ծածկել։ Այս յօդուածին նպատակն է Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր կառավարութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել այս այրող հիմնահարցին վրայ յստակ ակնկալութիւններ կապելով ձեւաւորուող եւ ձեւաւորուելիք նոր քաղաքականութեան։

Ի՜նչ խօսք, որ այս պահուն ես հպարտ եմ եւ խրախուսուած՝ որ Փաշինեանի դահլիճին մէջ Գիւղատնտեսութեան Նախարարի պատասխանատւութիւնը վստահուած է իմ դաշնակցական ընկերոջ, Շիրակի նախկին մարզպետ՝ Արթուր Խաչատրեանին, որ ճիշտ մարդն է այսպիսի բարդ առաքելութեան մը համար։ Անցեալին եւս այս նախարարութիւնը (եւ յետագային անոր քաղաքական զուգահեռը հանդիսացող Տարածքային Կառավարման Նախարարութիւ՛նը) յանձնուած էր մեր կուսակցութեան եւ Ընկ. Դաւիթ Լոքեանի ձեռնհաս ղեկավարութեան։ Անուրանալի է, որ շատ աշխատանք տարուեցաւ այդ օրերուն (եւ անկէ ետք) գիւղաշխարհի կացութիւնը բարելաւելու մարզին մէջ, բայց նաեւ անուրանալի է, որ շատ բան մնաց անկատար եւ թերի առաւելաբար պետական (իմա՝ նախագահակա՛ն) քաղաքականութեան համակարգային մեղքերուն պատճառով։ Բոլոր միջոցառումներէն ետք, գիւղը շարունակեց մնալ նոյնը…Եւ ինչու՞։ Ահաւասիկ այս հարցն է, որ այժմ դրուած է սեղանին վրայ եւ հոսկէ է, որ կը սկսի ձեւաւորումը գիւղ-ոլորտի հիմնահարցին։

Հարցը, զոր կ՛ուզեմ դնել Վարչապետ Փաշինեանին առջեւ, գիւղ-ոլորտի առողջացման բազմաշերտ խնդիրն է, որ շատ անդին կ՛անցնի նեղ առումով գիւղատնտեսական կարիքներու գոհացման շրջագծէն։ Յօդուածի մը սահմանները շատ նեղ են տալու համար ամբողջական պատկերը գիւղի բոլոր կարիքներուն, որոնք ամէնօրեայ տագնապի նիւթ եղած են մեր երկրի գիւղացիին համար։

Հողի բանական (rational) օգտագործում, հողի որակային պահպանութիւն, ոռոգման ջուրի հայթայթում, արտադրատեսակներու եւ շուկայական պահանջարկի նախատեսման գործիքներու ձեւաւորում եւ կիրառում, գիւղ-ոլորտի բնապահպանական վերահսկողութիւն, բնական միջավայրի վտանգներու դէմ պաշտպանութեան ծրագրեր, գիւղ-զբօսաշրջութիւն փոխ-սնուցիչ (symbiotic) գործօններու տնօրինում, գիւղատնտեսական գործիքակազմի արդիականացում, օրգանական սննդամթերքի պայմաններու ստեղծում, մասնագիտական գիտելիքի հայթայթում, փոխադրամիջոցներու մրցակցային ռազմավարութիւն, համագործակցայիններու քաջալերման ծրագրեր, հարկային քաղաքականութեան վերաձևաւորում զարգացման նպատակներու խթանման միտումով, առողջապահական ծառայութիւններու ցանցի հիմնական որակաւորում, կրթական համակարգի որակաւորում եւ արդիականացում, գիւղատնտեսութեան կողքին ոչ-գիւղատնտեսական ձեռներէցութեան քաջալերման ծրագրեր և մանաւանդ գիւղաշխարհի ենթակառոյցներու արմատական եւ ամբողջական կերպաւորում։ Ասիկա մասնակի եւ հպանցիկ թւումն է միայն հարցերու այն դիզուածքին, որ օր ու գիշեր կը պատուհասէ գիւղ-ոլորտի առօրեան։ Այս հարցերու ճնշիչ իրականութիւնը այնքան է մշտնջենաւորուած երկրի կեանքին մէջ, որ արդէն զրկանքը բացէ ի բաց վերածուած է մշակոյթի։ Ընդունուած իրողութիւն է, որ գիւղը պէտք չէ ունենայ բնականոն ասֆալթապատ փողոցներ եւ գործող կոյուղիներ եւ թէկուզ համեստ, բայց պատուաւոր սանիտարական միջավայր եւ կարգին մէկ դարմանատուն եւ բժշկական անձնակազմ…որպէսզի ան գիւղ ըլլայ։ Մենք մեր գիւղաշխարհի ժողովուրդին պարտադրած ենք այս լճացնող մտայնութիւնը եւ կոտրած՝ բարօրութիւն ակնկալելու իր մարդկային ձգտումը։ Զարմանա՞նք ուրեմն, որ նորահաս սերունդները այդ ժողովուրդին չեն ուզեր մնալ հողին վրայ…

Բայց դեռ կայ աւելի՛ն։ Գիւղ-ոլորտի մեծագոյն թշնամիները գիւղատնտեսական ոլորտին ներսը հաստատուած մենաշնորհային համակարգի տէրերն են։ Կեղեքումի մեծ գործի՛քը՝ որ մայրաքաղաքը կը կապէ գիւղի իրականութեան։ Այս առումով, գիւղը երբեք «անտեսուած» չէ։ Ան շատ մեծ հանք մըն է մայրաքաղաքին համար, որուն վրայ ցարդ իշխած է եւ դեռ կ՚իշխէ երկրի օլիգարխիան։ Գիւղ-ոլորտը այն կենսական տարածութիւնն է, որմէ կը սնանի մենաշնորհային համակարգի պարարտ մարմինը փշրանքներ միայն զիջելով գիւղ-ոլորտի իսկական իրաւատիրոջ…

Անշուշտ գոյութիւն ունին բացառութիւններ։ Գոյութիւն ունին բախտաւոր բնակավայրեր, որոնք կը գտնուին մեծ ձեռնարկութիւններու դրացնութեան մէջ։ Հոս նաեւ կը փոխուի գիւղացիի եկամուտներու բնոյթը։ Գիւղը հետզհետէ կը դադրի գիւղ ըլլալէ։ Կը դառնայ քաղաքի արբանեակը եւ կախեա՛լ ՝ նոր շահատէրերու քմահաճոյքէն։ Պէտք կա՞յ ըսելու, որ մեր նպատակը գիւղաշխարհը քաղաքայնացնել չէ։ Գիւղի մշակոյթը ռազմավարական անգտանելի հարստութիւն մըն է մեր հայրենիքին համար։ Մեր նպատակն է ապահովել գիւղ-ոլորտի առողջ եւ հայասնունդ մշակոյթին կայունութիւնն ու լինելիութիւնը։

Նկատի առնելով վերոյիշեալը, Պր. Վարչապետը պէտք է դիմէ միջ-գերատեսչական (inter-agency) հանգամանաւոր մարմնի մը կազմութեան, որ ունենայ լայն իրաւասութիւններ զօրաշարժի ենթարկելու բոլոր նախարարութիւններու միջոցները։ Գիւղ-ոլորտի վերածնունդը կը պահանջէ համակարգուած աշխատանք եւ ներդրում բոլոր նախարարութիւններուն կողմէ իւրաքանչիւրը իր մասնագիտական ոլորտի ուժականութիւններով։ Գիւղ-ոլորտը կարիք ունի մեծաթռիչ ոստիւն (quantum jump) մը իրականացնելու յաջորդ քանի մը տարիներու ընթացքին։ Քանի որ հոս է մեր երկրի լինելիութեան (viability) բանալին։ Բարձրորա՛կ գիւղ՝ բարձրորակ Հայաստանի մը համար։ Գիւղ՝ որ կը շնչէ մեծ շնչառութեամբ, մեծ հպարտութեամբ եւ մեծ ինքնավստահութեամբ։ Եւ առաջին անգամ ըլլալով մեր մեծ գործի հաւասարութեան մէջ կը յայտնուի գիւղի նոր եւ ազատ մարդը իր նոր անհատականութեամբ, նոր առաքելութեամբ եւ գերազանցութեան (excellence) աննախընթաց մակարդակ մը նուաճելով մեր անկախ պետականութեան լինելիութեան հաշւոյն։

Մայիս 20, 2018
Ուաշինկթըն

Տեսակէտ. Հարիւր Տարիներ Ետք «Թաւշեայ Յեղափոխութեան» Տարած Յաղթանակը

$
0
0

ԲԺԻՇԿ ՏԻԳՐԱՆ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ

Հանրայայտ ճշմարտութիւն է, որ մարդկութեան համար անկախութիւնը բացարձակ արժէք է, իսկ վերանկախացած Հայաստանը օրերս իր առաջին անկախութեան հարիւրամեայ յոբելեանը կը նշէ այսպէս կոչուած «Թաւշեայ յեղափոխութեան» շունչին ներքեւ: Երիտասարդութեան կողմէ անարդարութեան դէմ ցասումի պատճառով ծայր առած այս շարժումը նոր շունչ ու կորով կը խոստանայ համայն հայութեան: Իսկ ի՞նչ հանգամանքներ նպաստեցին, որ երիտասարդներու սկսած այս շարժումը վերածուի համաժողովրդական ապստամբութեան: Ներկայիս, երբ կիրքերը գրեթէ հանդարտած են, եւ նոր իշխանութիւնները իրենց դիրքերը հաստատած են երկրի իշխանական համարեա բոլոր լծակներուն վրայ` կազմելով խոստմնալից կառավարութիւն, որմէ մեծ ակնկալիքներ ունի համայն հայութիւնը, կարելի է ըսել, որ արդէն նախկին դարձած իշխանութիւնները իրենց անհեռատես իշխանավարման միջոցով մեծապէս նպաստեցին այս շարժման ծագման, զարգացման ու յաղթանակին: Բոլորիս յայտնի է իշխանաւորներու եւ իրենց հարազատներուն ու մերձաւորներուն մեղմ ասած անպարկեշտ ու ամբարտաւան վերաբերմունքը հասարակ քաղաքացիներուն նկատմամբ, տակաւին չենք խօսիր տնտեսական մենաշնորհներու եւ անպարկեշտ մրցակցութեան, անպատժելիութեան եւ այլ ախտերու եւ արատներու մասին, որոնք ազգը բաժնեցին իւրայիններու եւ օտարներու` ժողովուրդին մէջ ատելութիւն սերմանելով սեփական իշխանութիւններուն նկատմամբ, ինչ որ յաճախ քաղաքացիի անզօրութեան պատճառով զայն հասցուցած էր յուսահատութեան եւ ակամայ հայրենալքութեան, խորհրդային կարգերու մէջ որոշ յաջողութիւններու հասած երեքուկէս միլիոննոց Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերածելով մէկ միլիոն եօթը հարիւր հազարնոց յուսահատ հանրութեան: Դժբախտաբար անկախութեան առաջին իսկ օրերէն յառաջ տարուող հայրենակործան այս գիծը երկիրը հասցուց անդունդի եզրին: Այսօր, սակայն, փոխուած են խաղի կանոնները, եւ անկախութեան սերունդ հանդիսացող ներկայի երիտասարդութիւնը ոտքի է եւ անզիջում` սեփական երկրի մէջ ազատ,անկախ եւ լիիրաւ քաղաքացի ըլլալու իր իրաւունքին մէջ. սերունդ մը, որ չի ճանչնար օտարի լուծ եւ չի ցանկար հարազատ երկրի մէջ հարազատ իշխանութեան կողմէ ստրկանալ:

Պատմական բնականոն զարգացումով անխուսափելի է շահագործող կառավարութեան մը գոյութիւնը: Մեր երկիրը պիտի անցնէր անպայման մենատիրական եւ դրամատիրական ժամանակաշրջանէ` վստահելով հայու ողջախոհութեան: Հոգեբանական, հռետորական, քաղաքական բացառիկ ունակութիւններով ու ազնիւ քաղաքացիի հրաշալի տիպարով ներկայացող ղեկավարին վստահեցաւ ժողովուրդը: Ժողովուրդը Նիկոլը ընտրեց` թօթափելով յուսալքութիւնը: Նիկոլը չի կրնար կրկնել գացածի սխալները, կամ` այլ տեսակի սխալներ թոյլ տալ: Ժողովուրդը կը հսկէ եւ անհրաժեշտութեան պարագային` «Մերժի՛ր Նիկոլին» կ՛ըսէ, որովհետեւ ժողովուրդին մտածելակերպը մեծ յառաջընթաց արձանագրեց: Ետդարձ չկայ:

Ուստի, մենք ազգովին պարտաւոր ենք նեցուկ կանգնիլ ազատատենչ ու ազատախոհ այս սերունդին, որպէսզի այսուհետեւ ո՛չ օտարէն եւ ո՛չ առաւել եւս իւրայիններէն ստրկութիւն տեսնէ: Տանք անոր թեւեր` ազատօրէն ճախրելու, որպէսզի Հայկ Նահապետի հազարամեակներ առաջ արձակած նետը յաւէտ խորանայ դէպի յաւերժութիւն, դէպի մեր ցայսօր անկատար իղձերու եւ երազանքներու իրագործում` ազատ, անկախ, միացեալ, ամբողջական եւ ծաղկուն Հայաստանի կերտում:

Հալէպ

Լեւոն Տէր Պետրոսեան Եւ Սահմանադրութիւնը

$
0
0

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Մայիսի սկիզբներուն Հայաստանը կ՛ապրէր աննախընթաց ճգնաժամային վիճակ մը:

Առաջին անգամ ըլլալով` երկիրը կը փորձէր լրջօրէն ինքզինք սրբագրել եւ դուրս գալ այդ տագնապալի տնտեսաքաղաքական վիճակէն, որուն մէջ վերջին երեսուն տարիներուն հետզհետէ աւելի մխրճուեցաւ, եւ աղքատութիւնն ու արտագաղթը հասան անընդունելի աստիճանի:

Ամբողջ ժողովուրդը մէկ անգամէն ոտքի ելած` կը պահանջէր իշխանափոխութիւն. անոր միացան մտաւորականները եւ քաղաքական կարեւոր դէմքեր. բոլորը կը սպասէին, որ ծաւալած այս շարժումը շուտով կը յաջողի սահունօրէն եւ կ՛իրականացնէ իր նպատակը:

Այդ օրերուն iLur.am (05.05.2018) կայքին մէջ երեւցաւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մէկ հարցազրոյցը, ուր կ՛ըսէր, որ Ազգային ժողովի պատգամաւորի մը հրաժարական պարտադրելը իր պատկանած կուսակցութեան կողմէ` հակասահմանադրական է: Խօսքը կը վերաբերէր մասնաւորապէս ՀՅԴ-ի նախկին պատգամաւոր Աղուան Վարդանեանին. ահաւասիկ` ան ի՛նչ կ՛ըսէր.

«Մի խօսքով, Դաշնակցութեան համար իրենց ավանդոյթն ու կանոնադրութիւնը վեր է Հայաստանի սահմանադրութիւնից, որի ընդունման նախաձեռնողներից ու ջատագովներից մէկը հէնց ինքն է եղել ու այդ սահմանադրութեամբ հաստատուած ընթացակարգով յայտնուել Ազգային Ժողովում: Աւելի պարզ ասած` Դաշնակցութիւնը թքած ունի Հայաստանի սահմանադրութեան վրայ: Ի դէպ, նոյնը վերաբերում է նաեւ Հանրապետական կուսակցութեանը` իր պատգամաւորներին հրաժարական պարտադրելու նոյնօրինակ վարքի պատճառով»:

Երբ Հայաստանի առաջին նախագահը կ՛արտայայտէ այս մտքերը, անմիջապէս հարց կը ծագի, թէ արդեօք ան հասկցա՞ծ է, թէ ճիշդ ի՛նչ է սահմանադրութիւն մը: Հոս արժէ թերեւս ընել քանի մը խորհրդածութիւն:

Բոլորս գիտենք, որ Խորհրդային Միութեան վարչակարգին փլուզումէն ետք, 1990-ին Հայաստանը վերագտաւ իր անկախութիւնը 70 տարիներ ետք: Ղարաբաղեան շարժումի օրերուն Լեւոն Տէր Պետրոսեանը դարձաւ շատ ծանօթ եւ ժողովրդական դէմք մը` Հայոց համազգային շարժումին (ՀՀՇ) մէջ իր ունեցած գործունէութեամբ: 1991-ին Լեւոն Տէր Պետրոսեանը ընտրուեցաւ վերանկախացած Հայաստանի առաջին նախագահ` շնորհիւ իր ժողովրդականութեան եւ ՀՀՇ-ի օգնութեան ու հովանաւորութեան:

Հայաստանը այդ օրերուն չունէր կառավարութիւն կամ իշխանութիւն, չունէր սահմանադրութիւն, բայց ունէր պետական ուժեղ կառոյցներ, ոստիկանութիւն եւ բանակ. տարբեր խօսքով` հայկական պետութիւն մը հաստատուած էր: Նորընտիր նախագահը անմիջապէս կազմեց իր առաջին կառավարութիւնը երեսունէ աւելի նախարարներով. անծանօթ էին, չըսելու համար` կասկածելի, անոնց կարողութիւնները, սակայն վստահելի անձեր էին նախագահին համար: Անոնց մէջ կային ամէն տեսակի տիպարներ եւ առաւ-փախաւներ: Նշանակուած նախարարներէն գրեթէ ոչ մէկը, նախագահը ներառեալ, ունէր պատրաստութիւնը կամ փորձառութիւնը այն պաշտօնին, որուն վրայ նշանակուած էր: Անոնց մեծ մասը կիսագրագէտ էր, անտեղեակ` քաղաքական գիտութիւններուն, որոնք կը դասաւանդուէին եւ կը կիրարկուէին արեւմտեան աշխարհի մէջ: Իրենց սորվածը եւ տեսածը խորհրդային համակարգն էր, հիմնուած` մարքս-լենինեան վարդապետութեան վրայ, որ Խորհրդային Միութիւնը առաջնորդեց դէպի սնանկացում եւ փլուզում:

Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կառավարութիւնը յենեցաւ ՀՀՇ-ի վրայ, որ դարձած էր իր կուսակցութիւնը: Ան նաեւ գործակցեցաւ խորհրդային օրերուն գոյութիւն ունեցող մաֆիային հետ, որուն աւելի ուշ միացան իր մօտիկ բարեկամները, ՀՀՇ-ական կարգ մը ընկերները, եւ այսպէս կազմուեցաւ այն օլիկարխիան, որ այսօր շատ աւելի ուռճացած է:

Այդ օրերուն Հայաստանը ո՛չ սահմանադրութիւն եւ ո՛չ ալ կարգին օրէնսդրութիւն ունէր: Երկրին ազգային հարստութիւններն ալ անտէր էին: Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կառավարութիւնը` իր ընկերներով եւ բարեկամներով, կազմեցին երկրին նոր իշխանութիւնը եւ բացարձակ տէրերը դարձան ամէն ինչի: Անոնք անմիջապէս սկսան թալանել Հայաստանի հարստութիւնները, որոնց մէկ մասը սեփականացուցին, միւս մասն ալ ծախեցին օտար ընկերութիւններու: Նաեւ` կառավարութիւնը օտար դրամատուներէ վերցուց մեծ վարկեր, որոնց մէկ կարեւոր մասը կառավարութեան անդամները իւրացուցին: Շատեր, որոնք խորհրդային ժամանակաշրջանին կիսաքաղց մէկ սրճարանէն միւսը կը սլքտային, յանկարծ դարձան միլիոնատէր: Անոնցմէ ոմանք լքեցին երկիրը եւ անվերադարձ մեկնեցան արտասահման: Տակաւին շատերուն յիշողութեան մէջ վառ կը մնան այդ օրերը` 1990-ական թուականներու առաջին կիսուն, երբ ժողովուրդը կ՛ապրէր տնտեսական սուր տագնապի մթնոլորտի մէջ: Յաճախ պէտք էր կռուիլ փուռէն հաց գնելու համար: Երեւանի բազմաթիւ պողոտաներու մայթերը լեցուն էին սեղանիկներով, ուր ով ինչ ունէր կը դնէր եւ կը ծախէր անօթի չմնալու ու գոյատեւելու համար, մինչ լեւոնականները կը լողային հարստութեան մէջ:

Ժողովուրդի այս դժուար վիճակը բարելաւելու համար, Լեւոն Տէր Պետրոսեանը յղացաւ միտք մը` քաջալերել արտագաղթը, որ օգտակար էր, իր իսկ բնորոշումով, որովհետեւ` Ա) Գացողները պիտի պակսեցնէին երկրին անօթի մարդոց թիւը՛

Բ) անոնք անպէտք տարրեր ըլլալով, եթէ մնային երկրին մէջ, կրնային իշխանութեան գլխացաւ պատճառել:
Գ) Գացողները արտասահմանէն պիտի օգնէին երկրին մէջ մնացող իրենց հարազատներուն եւ բարեկամներուն:

Տէր Պետրոսեան յղացաւ ուրիշ միտք մը եւս. չէզոքացնել ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ միակ կազմակերպուած ընդդիմադիր ուժն էր երկրին մէջ եւ կրնար օր մը դժուարութիւն յարուցել, եթէ Լեւոնին եւ իր ընկերներուն կատարած սանձարձակ գործունէութիւնները դառնային անընդունելի: Ինչպէս յիշուեցաւ, երկիրը ո՛չ սահմանադրութիւն եւ, ո՛չ ալ կարգին օրէնսդրութիւն ունէր, եւ կարելի պիտի ըլլար դիւրութեամբ փակել այդ կուսակցութիւնը` առանց դատավարութեան, առանց աղմուկի եւ հաստատել բացարձակ իշխանութիւն երկրին մէջ, խորհրդային օրինակով:

Եւ ճիշդ այդպէս ալ պատահեցաւ. օր մը ոստիկանութիւնը յանկարծակիօրէն եկաւ ու փակեց կուսակցութեան գրասենեակները, գրաւեց կուսակցութեան բոլոր ինչքերը, ձերբակալեց ղեկավարները եւ զանոնք դրաւ բանտ` առանց հարցուփորձի եւ առանց դատավարութեան:

Այս գործելակերպը վայել էր օսմանեան եւ ցարական իշխանութիւններուն: Արդեօք Տէր Պետրոսեան այս վարուելակերպը «Քա. Կէ. Պէ.»-ի դասագիրքերէ՞ն սորված էր:

Հայաստանի ժողովուրդը 5 յուլիս 1995-ին հանրաքուէով վաւերացուց վերանկախացած հանրապետութեան առաջին սահմանադրութիւնը: Գրեթէ ամբողջ չորս տարի Լեւոն Տէր Պետրոսեանը եւ իր խումբը երկիրը կառավարեցին իրենց հասկցած ձեւով` առանց սահմանադրութեան, առանց Ազգային ժողովի, առանց քուէարկութեան, երկրին մէջ տիրող փտածութիւնը հասցնելով բարձրագոյն աստիճանի:

22 սեպտեմբեր 1996-ին երկրորդ անգամ ըլլալով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւն` առաջինէն հինգ տարի ետք: Լեւոն Տէր Պետրոսեան կրկին ներկայացաւ իբրեւ թեկնածու եւ վերընտրուեցաւ: Առաջին ընտրութիւններուն ան ստացած էր ձայներու 83,4 տոկոսը . այն ատեն ժողովուրդին համար ան ազգային հերոս էր, եւ ժողովուրդը անոր հետ մեծ յոյսեր կապած էր: Այս երկրորդ ընտրութիւններուն ան դարձած էր ազգային չարիք, եւ մինչեւ այսօր այդ ընտրութիւններուն արդիւնքները յայտնի չեն. ինչ որ գիտենք, այն է, որ քուէարկութեան նախօրեակին, օրուան պաշտպանութեան նախարարը` Վազգէն Սարգսեան յայտարարած էր, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, եթէ նոյնիսկ անոր մրցակիցը ստանայ ձայներուն 100 տոկոսը:

Քանի մը ամիս ետք, 3 փետրուար 1998-ին Լեւոն Տէր Պետրոսեան կը հրաժարէր իր պաշտօնէն: 1999-ի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ՀՀՇ-ականները ոչ մէկ պատգամաւոր կրցան ընտրել:

Իր հրաժարումէն անմիջապէս ետք Լեւոն Տէր Պետրոսեան կ՛անյայտանար քաղաքական հրապարակէն: 9,5 տարի ետք` 2007-ի աշնան, զինքը կը տեսնենք վերադարձած: Ան կը հաշտուէր ՀՅԴ-ի հետ, ապա կը կազմէր նոր կուսակցութիւն մը` Հայ ազգային քոնկրես (ՀԱՔ) անունով եւ կը վերսկսէր քաղաքական գործունէութեան` իր թեկնածութիւնը առաջադրելով 17 փետրուար 1998-ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն: Ան կը ստանար ձայներուն 23,5 տոկոսը, իսկ Սերժ Սարգսեանը` 53 տոկոսը: Տէր Պետրոսեանը սկսաւ քննադատել ընտրութիւնները` զանոնք նկատելով խարդախուած: Այնուհետեւ ՀԱՔ-ի երիտասարդ անդամները զանազան առիթներով ցոյցեր կը կատարէին Երեւանի կեդրոնական շրջանին մէջ` բարձրացնելով պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր «ՍԵՐԺԻ՛Կ, ՀԵՌԱՑԻ՛Ր»:

Վերոյիշեալ հարցազրոյցը, որ լոյս տեսած է iLur.am կայքին մէջ, ցոյց կու տայ, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը դժգոհ էր, որ Աղուան Վարդանեանին եւ քանի մը ուրիշ ՀՀԿ-ի պատգամաւորներուն իրենց կուսակցութիւններուն կողմէ պարտադրուած է հրաժարիլ Ազգային ժողովի պատգամաւորի պաշտօնէն: Դժուար չէ ենթադրել, որ ան կ՛ուզէր տեսնել աւելի մեծ թիւով պատգամաւորներ, որոնք «ոչ» պիտի ըսէին Նիկոլ Փաշինեանին` պահելու համար սթաթիւս քուոն, եւ այդ պարագային կրկին կրնար թերեւս դեր մը խաղալ երկրին քաղաքական կեանքին մէջ: Երեսուն տարի բաւարար չէ եղած հանրապետութեան այս առաջին նախագահին հասկնալու համար`

ԱՌԱՋԻՆ` սահմանադրութիւն եւ կանոնագրութիւն տարբեր բաներ են: Երկիր մը կ՛ունենայ միայն մէկ սահմանադրութիւն. անոր կողքին կրնայ ունենալ նաեւ հարիւրաւոր կանոնագրութիւններ: Այս վերջինները համաձայնութիւններ են ընդհանրապէս քաղաքացիներու եւ խմբակցութիւններու միջեւ: Հետեւեալ օրինակը կրնայ օգնել հասկնալու այս բոլորը, նոյնիսկ` անընդունակներուն:

Երբ հաստատութիւն մը կ՛իմացնէ գործի դիմող թեկնածուին, որ աշխատանքի պայմաններէն մէկն է գործի գալ ամէն օր ածիլուած եւ գործի մէջ չծխել, միթէ այս հաստատութիւնը կ՛ոտնակոխէ՞ իր պաշտօնեաներուն քաղաքացիական իրաւունքները եւ «թքա՞ծ ունի Հայաստանի սահմանադրութեան վրայ»:

ԵՐԿՐՈՐԴ` կուսակցութիւն հասկացողութիւնը կը տարբերի մարդոց մօտ: Անիկա քաղաքական կազմակերպութիւն մըն է, որ սահմանած է իր նպատակը եւ այդ նպատակին հասնելու համար իր որդեգրած քաղաքական ու ընկերային աշխարհահայեացքը. այս բոլորը միասին կը կազմեն կուսակցութեան ծրագիրը, որ կը տրամադրուի հանրութեան: Ծրագրի կողքին, կուսակցութիւնը կ՛ունենայ իր առօրեայ աշխատանքներու ուղեցոյցը, ուր նշուած կ՛ըլլայ նաեւ իր անդամներուն հակակուսակցական արարքները քննող եւ համապատասխան պատժական միջոցներու կիրարկման գործընթացը: Այս ուղեցոյցը կը կոչուի ներքին կանոնագիր:

ՀՅ Դաշնակցութեան ներքին կանոնագիրին մէջ շեշտուած է մասնաւորապէս կարգապահութիւնը, որ 128-ամեայ կուսակցութեան կարեւոր հիմքերէն մէկը եղած է: Աղուան Վարդանեանը սերտած էր կուսակցութեան ծրագիրն ու կանոնագիրը իր երդումը տալէ առաջ:

Հայաստանի մէջ այս վերջին երեսուն տարիներուն բազմաթիւ կուսակցութիւններ ծնան զանազան անուններով, շատերը` սրճարաններու մէջ. անոնց ծրագիրները յստակ չէին եւ ներքին կանոնագիր չունէին ընդհանրապէս, ՀՀՇ-ն եւ ՀԱՔ-ը մաս կը կազմէին այդ խումբին: Անոնք Ֆոնֆոնի քամիի նման եկան ու գացին:

Յայտնի չէ, թէ ի՛նչ են այսօր Լեւոն Տէր Պետրոսեանին քաղաքական ծրագիրները:

Իսրայէլի անկախութեան հռչակումէն անմիջապէս ետք Տաւիտ Պեն Կուրիոնը ընտրուեցաւ Իսրայէլի առաջին վարչապետ: Ան ստեղծեց հաստատուն հիմերու վրայ նոր պետութիւն մը, որ գոյութիւն չունէր նախօրօք. կազմեց կառավարական կառոյցները եւ բանակը. վեց տարի յետոյ չուզեց վերընտրուիլ, որպէսզի ուրիշ մը շարունակէ իր սկսած գործը, ան սակայն մնաց կառավարութեան մէջ, որպէսզի օգնէ նոր վարչապետին: Երկու տարի չանցած, ժողովուրդի բուռն փափաքին ընդառաջելով, ան նորէն ընտրուեցաւ վարչապետ եւ վեց տարի եւս շարունակեց այդ պաշտօնը: Ան էր, որ կերտեց Իսրայէլի պետութիւնը, եւ ժողովուրդը զինք կոչեց Իսրայէլի հայրը: Տաւիտ Պեն Կուրիոնը հրեայ ժողովուրդին վերջին երկու հազարամեակի պատմութեան ամէնէն մեծ դէմքը եղաւ:

Պատմութիւնը պիտի արձանագրէ, որ Իսրայէլի առաջին վարչապետն էր Տաւիտ Պեն Կուրիոնը, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահը` Լեւոն Տէր Պետրոսեանը:

 

 


Առաջին Հանրապետութեան Տարեդարձը Մեզ Կրկին Խորհելու Առիթ Պիտի Տայ

$
0
0

Ստորեւ կու տանք երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յայտարարութիւններու ժամուն ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուզաննա Առաքելեանի ունեցած ելոյթը.

«Հայ ժողովրդի պատմութեան մէջ մայիսի 28-ը մեր գոյութեան ու յաւերժութեան վկայագիրն է: Մայիսի 28-ով փաստագրուեց Հայոց առաջին անկախ հանրապետութեան ծնունդը, որը եւ կանխատեսեց հայ ժողովրդի ապագան: Ճիշդ է, որ Առաջին անկախ հանրապետութիւնը կարճ կեանք ունեցաւ, սակայն նրա գոյութեան փաստն արդէն ապացոյց էր հայ ազգի ազատ ապրելու վճռականութեան: Այդ երկուսուկէս տարիների ընթացքում արդէն կայացած պետութիւնն ունեցաւ մեծ յաջողութիւններ: Դեռեւս չդադարող պատերազմական պայմաններում հիմք դրուեց կրթական ու տնտեսական օճախների: Ստեղծուեց ազգային բանակ: Ի պատիւ Առաջին հանրապետութեան իշխանութիւնների, հայ ժողովրդի հոգեբանութեան մէջ փոխուեց ստրուկի, պարտուող մտայնութիւնը: Եւ ժողովուրդը սկսեց ապրել պետականութիւն ունեցողի ինքնավստահութեամբ: Սրանք պատմական ճշմարտութիւններ են: Այս օրերին, երբ տօնում ենք Սարդարապատի հերոսամարտի 100-ամեակը, հաւանաբար չարժէ խօսել տարիներ շարունակ թոյլ տրուած պատմական այն խեղաթիւրումների մասին, որով արատաւորւում է թէ՛ մեր հերոսական պայքարի ոգին, թէ՛ Անկախ հանրապետութիւնը կերտողների կերպարը:

Չափազանցրած չեմ լինի ասելու, որ եթէ չլինէր 1918 թուականը, եթէ չունենայինք Սարդարապատի հերոսամարտը, ստիպուած կը լինէինք նստել ու սպասել, թէ աշխարհի հզօրներն ինչպէ՛ս կը վճռեն մեր դատը, «տիրողներից» ո՛ւմ խնամակալութեանը կը յանձնէին մեզ` հայերիս: Սակայն, ի հեճուկս բոլոր նրանց, ովքեր թամաշայի էին կանգնել տեսնելու Հայաստանի անկումը, յանկարծակիի եկան. յաղթեց հայի ոգին: Աւելի՛ն, մայիսեան յաղթանակը այդ նոյն հզօրներին ստիպեց հաշուի նստել հայոց պետականութեան հետ:

1918 թուականն աւելին է, քան ընկալում ենք մենք, քան մեր խօսքն է ու գնահատանքը: Մայիսի 28-ը աւելին է, քան պարզապէս Առաջին անկախ պետութեան հռչակման օր: Պատմութեան այս լուսաւոր էջը մեզ պարտաւորեցնում է միասնական լինել յատկապէս օրհասական օրերին:

Առաջին հանրապետութեան տարեդարձը մեզ կրկին խորհելու առիթ պիտի տայ խոնարհումով յիշելու այն սերնդին, որ կերտեց դարասկզբի սարդարապատեան գոյամարտը: Թերեւս ոչ ոք չէր կարող երեւակայել այդ փառահեղ յաղթանակը: Չէ որ դեռ վերջ չէր տրուել 1915 թուականին սկիզբ առած Հայոց ցեղասպանութեան ծրագրին: Արեւմտեան Հայաստանը հայաթափուել էր, ջլատուել էր հայութեան ուժը, իսկ թուրք ելուզակների ախորժակն աւելի էր բացուել, յատկապէս Էրզրումի, Սարիղամիշի ու Կարսի յանձնումից յետոյ: Նրանք արնակալած աչքերով արդէն ուրուագծում էին Հայաստանի վերջը: Եղաւ աներեւակայելին® Հայ ժողովրդի հերոսական պայքարը 1918 թուականի մայիսեան օրերին ոչ միայն խառնեց թուրքերի խաղաքարտերը, այլ ստիպեց ընդունել հայ ժողովրդի միասնական կամքի դրսեւորումը:

Մեր մեծ գոյամարտում յաղթեց հայի կամքը, որը յետոյ պիտի դրսեւորուէր նաեւ Արցախի գոյամարտում:

Սարդարապատը, Բաշ Ապարանը, Ղարաքիլիսան, այնուհետեւ Շուշին եկան ասելու, որ մենք պիտի լինենք: Ուրախալի փաստ է, որ Հայոց առաջին անկախ պետութեան ծննդեան օրուայ` մայիսի 28-ի կողքին կայ սեպտեմբերի 21-ը` Երկրորդ անկախ հանրապետութեան օրը: Այս խորհրդանշական օրերը հաւաստումն են մեր ժողովրդի յարատեւման ոգու` ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիքի կերտման պայքարի կամքի:

Մայիսի 28-ը աւետիս է. միշտ ունկնդիր մնանք այդ օրուայ խորհրդին»:

Կանայք Պարտաւոր Են Փոխել Որոշումների Կայացման Մշակոյթը

$
0
0

Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Արմենուհի Կիւրեղեան հետեւեալ ելոյթը ունեցաւ Ազգային ժողովի յայտարարութիւններու ժամուն.

«Սիրելի՛ հայ ժողովուրդ: Մեր երկիրն այսօր սկսել է մասնակցային ժողովրդավարութեան ամրապնդման կարեւոր փուլ: Մենք անընդհատ խօսում ենք երկրում ընկերային արդարութեան կայացման անհրաժեշտութեան մասին, բայց ընկերային արդարութեան կայացում, մասնակցային ժողովրդավարութեան ամրապնդում հնարաւոր չէ առանց որոշումների կայացման բոլոր մակարդակներում կանանց բաւարար ներկայացուածութեան:

Իսկ ինչ ունենք այսօր. նախարարների, փոխնախարարների, մարզպետների ու փոխմարզպետների քաղաքների ու խոշոր համայնքների ղեկավարների թւում, 40.000 եւ աւելի բնակչութեամբ համայնքների աւագանիների կազմում կանայք համարեա ներկայացուած չեն: Պէտք չէ մոռանանք, որ կանայք եւ տղամարդիկ տարբեր են, միեւնոյն հարցի վերաբերեալ տարբեր կերպ են մտածում, այլ մօտեցումներ ունեն: Եթէ կանայք ներկայացուած չեն որոշումների կայացման մակարդակներում, այդ ինչպէս է հնարաւոր նրանց այլ մօտեցումները քննարկուեն եւ հաշուի առնուեն:

Ստացւում է, որ կանանց` հասարակութեան կէսից աւելիի, բարձրագոյն կրթութիւն ունեցողների 60%-ից աւելիի կարծիքները անտեսւում են որոշումներ կայացնելիս, ստացւում է, որ որոշումները կեանքի են կոչւում ոչ լիարժէք փորձաքննութիւն անցնելով եւ դրա արդիւնքում էլ ունենում ենք որոշումներ, որոնք շատ արագ փոփոխելու անհրաժեշտութիւն է ծնւում: Ես ողջունում եմ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնն առ այն, որ անհրաժեշտ է ապահովել այնպիսի նպաստաւոր պայմաններ, որոնք պետական կառավարման համակարգում կանանց ներգրաւուածութիւնը կը դարձնեն առաւել ընդգրկուն, կանանց հասարակական-քաղաքական գործունէութիւնը կը դարձնեն առաւել արդիւնաւէտ:

Ուզում եմ ընդգծել նաեւ հասարակական կազմակերպութիւնների հատուածի լայնածաւալ աշխատանքները հասարակութեան մէջ կնոջ դերի բարձրացման ուղղութեամբ. նախ, ընտրական օրէնսգրքում այսօր արդէն ամրագրուած մինչեւ 30% մասնաբաժին, ինչպէս նաեւ նրանց կողմից իրականացուած բազմաթիւ ծրագրերի արդիւնքում` հասարակական-քաղաքական աշխուժութեան մակարդակի բարձրացում կանանց շրջանում: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը գտնում է, որ կանանց ներգրաւուածութիւնը որոշումների կայացման բոլոր մակարդակներում այլեւս անհրաժեշտութիւն է:

Եւ մենք գտնում ենք, որ օրէնսդրօրէն պէտք է ապահովել հասարակութեան կեանքի բոլոր ոլորտներում կանանց զուգակշռուած ներկայացուածութեանը նպաստող մեքանիզմներ, գտնում ենք, որ Ազգային ժողովում պէտք է քննարկել տեղական ինքնակառավարման մարմիններում կանանց անբաւարար ներկայացուածութեան հիմնախնդիրը, նշանակովի, հայեցողական պաշտօններում կանանց ներգրաւուածութեան հնարաւոր մեքանիզմների ներդրման հարցը: Մեր խմբակցութիւնը նախաձեռնում է ոչ պաշտօնական աշխատանքային խմբի ստեղծում, որի գործունէութիւնը միտուած կը լինի որոշումների կայացման բոլոր մակարդակներում կանանց ներգրաւուածութեան աստիճանի եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացմանը:

Դիմում եմ Ազգային ժողովի խմբակցութիւններում ընդգրկուած կանանց` աջակցել այդ նախաձեռնութեանը եւ, վերլուծելով երկրում առկայ կանանց հզօր ներուժը, առաջարկել կառավարման համակարգում այդ ներուժի ներգրաւման հնարաւոր ուղիներ: Եւ վերջում, ի հարկէ, ուզում եմ ընդգծել, որ կանանց այսօրուայ հզօր ներուժը երկրի զարգացման, կեանքի որակի բարելաւման ուղղութեամբ չօգտագործելը ուղղակի շռայլութիւն է:

Կանայք կարող են, կանայք ուզում են եւ կանայք պարտաւոր են փոխել որոշումների կայացման մշակոյթը»:

 

Հայրենատուր

$
0
0

ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ

Դու եղել ես մերը արեան իրաւունքով,
Ոչ այն արեան, որ մենք հեղել ենք քո համար,
Այլ այն արեան, որ դու լցրել ես մեր սիրտը,
Դարձրել մեր սիրտը անօթը քո արեան:

Մենք եղել ենք քոնը արեան իրաւունքով,
Ոչ այն արեան, որ դու զեղել ես մեր սիրտը,
Այլ այն արեան, որ մենք վայթել ենք քո համար,
Դարձրել սուրբ հողդ սկիհը մեր արեան:

Դու եղել ես մերը սիրոյ իրաւունքով,
Ոչ այն սիրոյ, որ մենք տածել ենք քո հանդէպ,
Այլ այն սիրոյ, որով հունցել ես մեր սիրտը,
Դարձրել մեր սիրտը խաղողը քո սիրոյ:

Մենք եղել ենք քոնը սիրոյ իրաւունքով,
Ոչ այն սիրոյ, որով շաղել ես մեր սիրտը,
Այլ այն սիրոյ, որ մենք թեղել ենք քո հանդէպ,
Դարձրել սուրբ հողդ հնձանը մեր սիրոյ:

Դու եղել ես մերը լեզուի իրաւունքով,
Ոչ այն լեզուի, որ մենք բարբառել ենք հպարտ,
Այլ այն լեզուի, որ դու դրել ես մեր լեզուին,
Դարձրել մեր լեզուն քնարը քո լեզուի:

Մենք եղել ենք քոնը լեզուի իրաւունքով,
Հենց այն լեզուի, որ դու դրել ես մեր լեզուին,
Եւ այն լեզուի, որ մենք սաղմոսել ենք մաքուր,
Դարձրել սուրբ հողդ աղօթքը մեր լեզուի:

Դու եղել ես մերը արեան իրաւունքով,
Սիրոյ իրաւունքով, լեզուի իրաւունքով,
Եւ այն իրաւունքով, որ ընտրել ես դու մեզ,
Եւ այն իրաւունքով, որ ընտրել ենք մենք քեզ:

Ու այդ իրաւունքը` հայրենատուր պարգեւ,
Իրաւունքն է ` հողի, պորտի ու պատմութեան,
Իրաւունքն է` մարդու, որդու – զարմութեան,
Արեան, սիրոյ, լեզուի զօրեղ հրիտակով:

 

 

 

Հարիւրամեայ Մարդասիրական Ծառայութիւն Գարակէօզեան Հաստատութեան Ճամբով

$
0
0

ԺԱՆԻՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ-ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Հարիւրամեայ գործունէութիւն, ամբողջ դար մը` նուիրեալ ծառայութիւն, որ մեկնարկեց  ստեղծագործող ներկայով մը` ի պատասխան համազգային աղէտի եւ անձնական ողբերգական կորուստի:

1918 թուականին Նիւ Եորքի մէջ Միհրան եւ Զապէլ Գարակէօզեանները, մեկնելով մարդկային ազնուագոյն զգացումներէ եւ քրիստոնէական ապրումներէ, իրենց 14-ամեայ վաղամեռիկ որդիին` Հաուըրտին յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով վճռեցին հաստատել մարդասիրական ծառայութիւն մը` փրկելու համար հարիւրաւոր հայ որբերու կեանքը, որ անողոք դահիճներ փորձած էին խլել,  զանոնք յանձնելով անապատի եւ աւերակներու էջերուն:

Ցաւը ծնունդի վերածելով եւ ծառայութիւնը իր գոյութեան նպատակը դարձնելով,  հարիւր տարիներ ետք, դիմանալով հայ կեանքը փոթորկող զանազան դժուարութիւններուն, Գարակէօզեան հաստատութիւնը ո՛չ միայն շարունակեց պահել իր գոյութիւնը, այլեւ հետզհետէ ուռճանալով` դարձաւ աւելի առոյգ, կենսունակ եւ ծաւալուն: Իրականացուց օգնութեան լայնածաւալ ծրագիրներ` ո՛չ միայն առօրեայի ժամանակաւոր նպաստաբաշխի բնոյթով պատահական աղէտ մը դարմանելու համար, այլ` ապագայի շէնութեան, բարգաւաճման եւ գոյապահպանմանի խնդիր:

Հարիւր տարիներ ետք, 14-ամեայ Հաուըրտ Գարակէօզեանի մահուան (26 ապրիլ 1918) ճիշդ հարիւրամեակին առիթով, 26 ապրիլ  2018-ին, նախախնամութեան գեղեցիկ դիպուածով, ծաղկազարդուեցաւ Լիբանանի Գարակէօզեան հաստատութիւնը, երբ կեդրոն այցելեցին Ազգային միացեալ վարժարանի նախակրթարանի չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարանի 160 աշակերտները, որոնց տարիքները կը տարուբերէին  12-14-ի միջեւ,եւ ստացան ֆիզիքական, աչքի եւ ակռաներու ընդհանուր բժշկական խնամք: Հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանը օգտուելով այս պատեհ առիթէն` փոքրիկն Հաուըրտի կեանքին ընդմէջէն ներկայ աշակերտներուն ներկայացուց Գարակէօզեան հաստատութեան պատմականը, եւ խօսեցաւ տալու մաքրամաքուր առաքինութեան մասին:

Լիբանանի Գարակէօզեան հաստատութիւնը, օժտուած` կազմակերպչական եւ համագործակցական բացառիկ տուեալներով, ընդարձակեց իր գործունէութիւնը եւ մտաւ ծառայողական այլազան ոլորտներու մէջ` մատուցելով հետեւեալ ծառայութիւնները` միշտ խորհրդանշական սակերով:

Մանկաբուժական պատուաստներ,  ընտանեկան բժշկութիւն, մասնագիտական բժշկութիւններ` կիներու, սրտի, շաքարի, գեղձերու եւ աչքի, ատամնաբուժութիւն, դպրոցական առողջապահութիւն, սննդագիտութիւն, դեղարան, ընկերային ծառայութիւն, գործի հայթայթման գրասենեակ, կանխարգիլման եւ դաստիարակչական արշաւներ, ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու մանկավարժական կեդրոն, մտային առողջապահութիւն, սերտարան, ամառնային դպրոց:

Աւելի՛ն. Գարակէօզեան հաստատութիւնը եղաւ ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար լսեց եւ բաժնեկցեցաւ առօրեայի անոնց ցաւերը, տնտեսական ու ընկերային մտահոգութիւնները եւ երկարեց իր ամոքող ձեռքը անխտիր բոլորին` վառ պահելով անոնց մէջ յոյսի ջահը եւ զգացնելով որ իրենք եւս կարեւոր անդամներն են գործօն համայնքին:

Այսօր փոքրիկն Հաուըրտ Գարակէօզեանը Գարակէօզեան հաստատութեան ծաւալուն գործունէութեան ընդմէջէն բոլորեց իր յիշատակի յաւերժացման հարիւրամեակը` Լիբանանի մէջ դառնալով հայութեան բաբախուն մայր երակներէն մին: Հաստատութիւնս գործեց եւ պիտի գործէ միակ նպատակակէտ ունենալով առողջապահական կեանքի բարւոքում եւ ընկերային կեանքի բարեփոխում` միշտ դրական ոգիով ապրելու եւ նայելու ապագային:

Գարակէօզեան Հաստատութիւն
Լիբանան

 

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին

$
0
0

ՍՕՍԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ

Ամիսներու պատրաստութենէն ետք, տագնապալից եւ դժուար օրերէն ետք, վերջապէս տեղի ունեցան լիբանանեան երեսփոխնական ընտրութիւնները: Ընտրուեցան բոլոր այն թեկնածուները, որոնք ընտրական այս նոր օրէնքով կրցան ապահովել յաջողութեան քուէարկութեան թիւերը: Պէտք է ըսել, որ այս օրէնքը, ամբողջ իր խոտորութեամբ եւ արդարութեամբ, իրականացուց հետեւեալը. որ ամէն անհատ կրցաւ ընտրել իր նախընտրած թեկնածուն: Արդիւնքն էր 128 երեսփոխաններ` 122 այր մարդ եւ 6 կին: Մեր շնորհաւորութիւնները` բոլորին: Սակայն միայն վե՞ց կին, որոնցմէ 2-ը արդէն նախկին դէմքեր են եւ չորսը` նոր անձեր: 21-րդ դարուն Լիբանանը ներայացուած է որպէս արաբական ամէնէն զարգացած երկիրներէն մին, եթէ ոչ առաջինը. արդեօք այս թիւը` 6 կին, արդա՞ր է: Ընտրապայքարի ժողովներու ընթացքին, մասնակցող բոլոր թեկնածուները, ըլլան անոնք կուսակցական, թէ զարգացած անհատներ, արտայայտուեցան շատ դրական կերպով, որ կիները ընկերային կեանքին մէջ իրենց միւս` ամբողջացնող կէսերն են, եւ անոնց ներկայութիւնը անհրաժեշտ է երկրի յաջողութեան եւ բարգաւաճման: Բայց ընտրական մթնոլորտին մէջ ո՞ւր մնացին այդ խօսքերը: Ներկայացան 113 կիներ` որպէս թեկնածու, որոնցմէ 86-ը մասնակցեցաւ ընտրութիւններուն, բայց ափսոս միայն 6-ը ընտրուեցաւ: Ո՞ւր է արդարութիւնը, երկրի մը մէջ, ուր աշխատող ուժին 25% կիներ են, զանազան մարզերուն մէջ:  Բնակչութեան 50% իգական սեռն է, 3%-ը քաղաքական կեանքին մէջ կը գործէ: Իսկ այսօր խորհրդարանէն ներս 5% ներկայութիւն ունեցան: Մինչդեռ Ալճերիա 26%, Սուրիա  14%, Արաբական ծոցի մէջ 22,5% նուազագոյնը 15%, նոյնիսկ` 20% եւ աւելի:

Ներկայիս, վիճակագրութիւններու համաձայն, լիբանանցի կինը զարգացումով, յաջողութիւններով կը գերազանցէ այր մարդը տարբեր մարզերու մէջ` առողջապահական, ընկերային, դրամատնային, սակայն խորհրդարանին մէջ տակաւին նուազագոյն թիւով կը ներկայացուի:

Տարօրինակ է այս դրութիւնը. ընտրական թեկնածուներուն կենսագրականը երբ կը հարցուէր, կիներունը մանրամասնօրէն կը հետապնդուէր, թէ ո՛ւր, ե՛րբ եւ ի՛նչ գործունէութիւններ ունեցած են, մինչդեռ այր մարդու պարագային, որեւէ հետաքրքրութիւն չկար այս մանրամասնութիւններուն մասին. գլխաւոր մտահոգութիւնները անոնց տնտեսական յաջողութիւնները եւ նիւթական վիճակն էին: Պէտք է յիշել, որ 86 կին թեկնածուներէն իւրաքանչիւրը իր կարգին ունեցած է յաջողութիւններ հասարակական կեանքին մէջ, բարձր որակով փորձառութիւններ եւ ապագայի փայլուն տեսլական:

Դժբախտաբար, այսպիսով, Լիբանանը անտեսելով իր ունեցած կարեւոր ուժը, շատ բան կը կորսնցնէ իր ապագայի յաջողութեան մէջ:

Ո՞վ աւելի լաւ կրնայ լուծել առողջապահական, տնտեսական եւ ուսումնական հարցերը, եթէ ոչ` կինը:

Ո՞վ աւելի լաւ կրնայ լուծել աղբերու եւ կենսոլորտային մտահոգիչ հարցերը, եթէ ոչ` կինը:

Ո՞վ աւելի լաւ կրնայ ապագայի առողջ եւ յաջող սերունդներ պատրաստել, եթէ ոչ` կինը:

Ուրեմն ժամանակն է, որ կնոջ ներկայութիւնը անպայմանօրէն նկատի առնուի քաղաքական կեանքին մէջ` որոշումներ կայացնելու սեղաններուն վրայ` որպէս ղեկավար, տնօրէն, երեսփոխան, նախարար, դատախազ, որպէսզի հրատապ հարցերը աւելի դիւրին եւ հեզասահ լուծուին: Այս հարցերուն մէջ կան շատ մը իրականութիւններ, որոնք արագ որոշումներու եւ օրէնքներու մշակման կը սպասեն, որոնցմէ են`

– Կնոջ քաղաքացիական իրաւունքները եւ լիբանանցի մօր` իր զաւկին քաղաքացիութիւն շնորհելու հարցը,

– Բռնաբարութեան դէմ մասնաւոր, արագ եւ գործնական օրէնքներու մշակում,

– Առողջապահական գետնի վրայ կնոջ իրաւունքը առողջ եւ հանգիստ կեանք մը ապրելու մտահոգութիւնը` իր ծերութեան: Պէտք է ըսել, որ  ապահովագրական այս օրէնքները ոչ թէ միայն կնոջ, այլեւ այր մարդուն ալ կը վերաբերին, այսինքն` լիբանանցի քաղաքացիին:

Դժբախտաբար անգամ մը եւս կիները պատնէշի դիմաց գտնուեցան, խոչընդոտներ արգելք եղան իրենց ընտրական պայքարին եւ յաջողութեան: Բայց անոնք չկորսնցուցին, այլ սորվեցան, ինչպէս ըսած է ափրիկեցի ղեկավար Նելսըն Մանտելա.

«Սորվեցան, որ դարձեալ իրենց անձնական կարողութիւններով եւ աշխատանքով կրնան իրականացնել օրէնքներու փոփոխութիւն»:

Սորվեցան, որ խոստումները տեղ մը չեն հասցներ, եւ միայն հաճելի խօսքերով չեն խաբուիր իրենք:

Սորվեցան, որ իրաւունքները չեն շնորհուիր եւ ոչ ալ նուէր կը բաժնուին, այլ անոնք տրամաբանութեամբ եւ պահանջատիրութեամբ կ՛առնուին:

Եւ վերջապէս սորվեցան, որ դարձեալ պէտք է աշխատին իրականացնելու համար Փեքինի 1995-ի համաշխարհային ժողովէն բխած բանաձեւը, որուն համաձայն, պետական եւ հասարակական կեանքին մէջ կիները ունենան 30% տոկոսով ներկայութիւն, այլ խօսքով` մասնաբաժինի դրութիւն: Թէեւ այս մէկը ճշգրիտ ձեւ չէ կիներու իրաւունքներու տուչութեան, սակայն սկզբնական եւ ժամանակաւոր միջոց է, որպէսզի կիները մեծ թիւով ներկայութիւն ունենան քաղաքական կեանքին մէջ: Յաջող օրինակ մը Գերմանիան  է: Եթէ այսօր ղեկավարութեան մէջ Անկելա Մերքել գոյութիւն ունի, այդ ալ, որովհետեւ Գերմանիա մասնաբաժինով սկսաւ. նոյն է Ֆրանսան, հիւսիսային երկիրներ եւ այլն:

Եզրափակելով` կիները, որոնք լիբանանեան հանրութեան 50% կը ներկայացնեն, այսօր խորհրդարանին մէջ ներկայացուցած են 5%-ով: Այս կը նշանակէ, որ լիբնանացի կիները պէտք է արագ, նոր քաղաքականութիւն մը որդեգրեն, իրենց միութիւններուն եւ կուսակցութիւններուն մէջ նոր ռազմավարական օրինագիծ պատրաստեն, լծուին աշխատանքի, մինչեւ որ յաջողին իրենց ներկայութիւնը ընդլայնել քաղաքական, հասարակական կեանքին մէջ, որպէսզի այր մարդոց կողքին, միասնաբար կերտեն արդի եւ երազային այն Լիբանանը, որուն բոլորս կը ձգտիք: Յարգա՛նք լիբանանցի կիներուն եւ մասնաւորապէս հայ կիներուն, մաղթելով ուժ եւ կորով եւ ապագայի յաջողութիւններ:

 

Արա Պապեանից Մինչեւ Լեւոն Շիրինեան Մէկ Քայլ Է

$
0
0

ԷԴԻԿ  ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆ

Եւ այսպէս, Արա Պապեանը, իսկ յետոյ նաեւ Լեւոն Շիրինեանը (կամ գուցէ` հակառակը) սաստիկ սրտացաւութեամբ կարծիք են յայտնել, որ ՀՅԴ-ն յաջորդ խորհրդարանում ներկայացուած չի լինի, այսինքն չի կարողանայ յաղթահարել ժողովրդի վստահութեան 5 տոկոսի շեմը: Իհարկէ, Արա Պապեանն ու Լեւոն Շիրինեանը չունեն հայ հանրայայտ ընկերաբան Ահարոն Ադիբեկեանի գիտելիքների 5 տոկոսն անգամ, բայց, ահա, փորձում են այդ պարզ բացը լրացնել իրենք քաղաքագիտական «հիմնաւորումներով», որոնք, եթէ հիմնաւորում էլ անուանենք, ապա հայաստանեան շուկայում գրոշ չարժեն:

Եւ, այնուամենայնիւ, հետաքրքիր է իմանալ, թէ ինչո՛ւ գլխագրում յիշատակուած այդ երկու պարոնները այս օրերին միաժամանակ յայտնուեցին մամուլի ուշադրութեան կեդրոնում եւ ինչո՞ւ գրեթէ նոյն բանն ասացին` իրենց հրանօթներն ուղղելով Դաշնակցութեան կողմը:

Ես կ՛առաջարկէի գնալ մի փոքր յետ եւ յիշողութիւնը չկորցրած քաղաքագիտական հանրութիւնից հարցնել, թէ ովքե՞ր էին Արա Պապեանն ու Լեւոն Շիրինեանը, երբ Դաշնակցութիւնը նրանց խիստ անհրաժեշտ էր որպէս կայանալու հարթակ եւ ճանաչման հնարաւորութիւն: Անձամբ իրենք խուսափում են խօսել այդ մասին, որովհետեւ այդ տարիներին Դաշնակցութիւնը իրենց պէտք էր սեփական յաւակնութիւնները (պաշտօն, գրքի հրատարակութիւն, արտասահմանեան ուղեւորութիւն, միջազգային շրջանակներում ընդունելութիւններ եւ այլն, եւ այլն) ի կատար ածելու համար: Այս տեսանկիւնից եւս այդ երկու պարոնները կրկնում են միմեանց, ինչպէս ջրի երկու կաթիլները: Ստիպուած եմ հիմա նրանց յիշեցնել, որ ի տարբերութիւն իրենց` Դաշնակցութիւնը փոփոխական հոսանքներից այնքան խոցելի չէ, որքան իրենք են պատկերացնում: Ցանկութեան դէպքում կարելի է գտնել, թէ նրանք քանի՛ անգամներ են այսպէս «փիլիսոփայել» Դաշնակցութեան ապագայի շուրջ, բայց ի վերջոյ փաստ է, որ «ծակ փիլիսոփաները» միշտ մնում են անցեալում, իսկ եթէ մէկ-մէկ էլ այսպէս աշխուժանում են, ապա միայն այն օրերին, երբ ինչ-ինչ շրջանակներ նրանց հանում են գզրոցներից ու խօսեցնում որպէս ժամանակին Դաշնակցութեանը մօտ կանգնած մարդկանց: Ընդունուած է նման դէպքերում ասել` ո՞ւր է ձեր խիղճը, բայց մենք ձեռնպահ կը մնանք այդ հարցը նրանց տալուց, որովհետեւ հայ հանրութեանը կը ծիծաղեցնենք վրաներս` ի՛նչ էք կորցրել, ի՛նչ էք ման գալիս: Ինչեւէ:

Արա Պապեանը հարց է տալիս` այդ ինչո՞ւ Դաշնակցութիւնը շարժման առաջին օրերին դէմ էր, իսկ երբ հասկացուեց, որ ժողովրդական շարժումը յաղթում է, անցաւ շարժման կողմը: Սա դիւանագէտ մարդուն ոչ յարիր խառնակչութիւն է, որովհետեւ նա էլ քաջ գիտակցում է, որ շատ թէ քիչ լուրջ քաղաքական ուժը չէր կարող գլխապատառ վազել մի շարժման հետեւից, որն առնուազն ինքը չէր կազմակերպել: Բայց միւս կողմից էլ այնպէս չէ, որ Արա Պապեանի ցուցումով Դաշնակցութիւնը դուրս եկաւ քոալիսիոնից եւ պաշտպանեց ժողովրդական շարժումը` Հայաստանը հաւանական եւ անհաւանական ցնցումներից զերծ պահելու մտահոգութեամբ: Եւ, պատկերացրէք, շարժումը պաշտպանելու առումով էլ Արա Պապեանը առաջ չի անցել Դաշնակցութիւնից: Նա հիմա է խօսում միայն, երբ ՀՅԴ-ի այդ դիրքորոշումը գնահատուած է եւ ՀՅԴ-ն ներկայութիւն ունի ժամանակաւոր կառավարութիւնում: Երբ ձերբակալեցին Նիկոլ Փաշինեանին եւ կար սպասում, որ դատախազը նրան ձերբակալելու պահանջով կը մտնի ԱԺ, Արա Պապեանը տակաւին ընկած էր իր գզրոցում, հաւանաբար` Լեւոն Շիրինեանի ընկերակցութեամբ: Բայց ահա արթնացրել են նրանց` մոռանալով յիշեցնել, որ նաեւ ՀՅԴ ջանքերով մենք խուսափեցինք անցանկալի զարգացումներից:

Եւս մէկ զարմանալի բան: Արա Պապեանն ու Լեւոն Շիրինեանը (ենթադրւում է` շարժման ջերմեռանդ կողմնակիցներ) հակադաշնակցական քարոզչութիւն են անում այն դէպքում, երբ ՀՅԴ-ն խորհրդարանում եւս պաշտպանում է շարժման ղեկավար ուժին եւ վարչապետին` փորձելով լրացուցիչ քաղաքական օրինականութիւն հաղորդել ստեղծուած վիճակին, մինչեւ յաջողուի անփորձանք հասնել արտահերթ ընտրութիւնների: Հետեւաբար, արապապեանների եւ լեւոնշիրինեանների պահուածքը խառնակչութիւնից բացի` ուրիշ ի՞նչ բառով կարելի է բնութագրել: Ինչո՞ւ են այդքան վստահ, որ շարժումը պաշտպանող ուժը չի յայտնուելու յաջորդ խորհրդարանում:

Արա Պապեանը` որպէս «քաջատեղեակ մարդ», խօսում է ՀՅԴ-ի ներսում առկայ պառակտումից, սփիւռքի եւ հայաստանեան կառոյցների «հակասութիւններից»: Այս հարցում Լեւոն Շիրինեանը չի կարողացել «մրցակցել» Արա Պապեանի հետ, որովհետեւ ժամանակին դաշնակցական է եղել ու ինչ-որ չափով ծանօթ է ներկուսակցական նիստուկացին: Այս հանգամանքը, սակայն, բաւարար չէ, որպէսզի մենք զատենք այդ երկու «քաղաքագէտին», որոնք ճակատագրի բերումով, ցաւօք, յայտնուել են նէոպոլշեւիկների ձիանոցում:

Գալով ՀՅԴ-ի հասցէին վերջին բանսարկութիւններին եւ «հանճարեղ» եզրայանգումներին` թէ Դաշնակցութիւնը չի յաղթահարելու 5 տոկոսի արգելքը, ասենք, որ երբ Դաշնակցութիւնը ստեղծուել է, իր առջեւ յատուկ նպատակ չի դրել 5 տոկոս յաղթահարելն ու խորհրդարան մտնելը: Փոխարէնը` ունեցել է Հայաստանի անկախ հանրապետութիւն արարելու, հայկական տարածքները վերամիաւորելու, ժողովրդավարական պետութիւն կառուցելու տեսլականներ, որոնք կեանքի են կոչուել եւ շարունակում են իրականանալ` չնայած կողքից աւելորդ ելոյթ ունեցողների ինչ-ինչ ցանկութիւններին: Էականը 5 կամ 10 տոկոս յաղթահարելը չէ, որ ինչ-որ տեղ նաեւ յաջողութիւն կարող է նկատուել, փոխարէնը, սակայն, ինչպիսի՞ յաջողութիւն է, ասենք, հայ-թուրքական խայտառակ արձանագրութիւնների տապալումը, խորհրդարանական կառավարման անցնելը եւ կամ ազատ, թափանցիկ ընտութիւններ ունենալու հնարաւորութիւնը: Մտահո՞գ էք ազգային ուժի յաջողութիւնների եւ նրա ընկերվարական գաղափարախօսութեան յաջողութիւններով, խնդրեմ, կանգնէք Դաշնակցութեան կողքին եւ ոչ թէ ձեր մերկապարանոց յայտարարութիւններով փչացրէք ամէն ինչ, այդ թւում եւ` ձեր կենսագրութիւնն ու մարդկային կերպարը:

Առայժմ` այսքանը:

 

 

Մի՛ Զմռսեր

$
0
0

Հ. ԱԴԱՄԵԱՆ

Կենդանի աչքն անգամ թէ զմռսես
Իրողութիւն տեսնող հոգիդ մի՛ զմռսեր
Լեզուիդ հետ բերանդ ալ թէ զմռսես
Ճշմարտախօս միտքդ երբեք մի՛ զմռսեր
Աշխատասէր ձեռքդ անգամ թէ զմռսես
Վատին հարուած տուողը դուն մի՛ զմռսեր
Ամուր սեպած ոտքդ նոյնիսկ թէ զմռսես
Ինքնավստահ քայլդ խիզախ մի՛ զմռսեր
Ականջներդ նոյնիսկ եթէ դուն զմռսես
Ճշմարտութիւն լսող կամքդ մի՛ զմռսեր
Հանճար կարծած ուղեղդ անգամ թէ զմռսես
Բարոյական ճիշդ կենցաղդ մի՛ զմռսեր
Ինչ ալ ըլլայ ճակատագրիդ ծալքերուն տակ
Գէթ հաշուառու խիղճը մարդուն մի՛ զմռսեր

 


Ի՞նչ Կրնան Ըլլալ Հակադաշնակցական Քարոզարշաւին Դրդապատճառները

$
0
0

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած  քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն, համաժողովրդային շարժումին եւ անոր յաջորդող իշխանափոխութեան առընթեր, վերջերս հայկական իրականութեան մէջ ականատեսը կը դառնանք ուշագրաւ այլ երեւոյթի մը` յարաբերական, քաղաքական, լրատուական, ապատեղեկատուական սուր եւ աժան անհիմն քննադատութիւններու, հիւանդագին երեւակայութիւններով ցեխարձակումներու եւ քարոզչական արշաւի մը, որ ուղղուած է ՀՅ Դաշնակցութեան դէմ:

Յանկարծ որոշ շրջանակներ, խմբակներ, փորձագէտներ, նախկին դիւանագէտներ, վերլուծաբաններ, հայկական թէ օտար լրատուամիջոցներ, ընկերային ցանցեր եւ Դիմատետրի էջեր, մոռացութեան կը մատնեն այսօրուան համահայկական թիւ մէկ օրակարգը` ներհայաստանեան վերջին քաղաքական իրադարձութիւնները եւ ձեւաւորուող նոր քաղաքական դաշտը, իբրեւ թէ Դաշնակցութեան վարկին, հեղինակութեան եւ գործունէութեան մասին տագնապող անձեր եւ հարթակներ, բայց խորքին մէջ շատ աւելի պատուէր կատարողի տպաւորութիւնը կը ձգեն, իրենց դիտաւորեալ հպանցիկ վերլուծումներով լուսարձակի տակ բերելով հարցականի տակ կ՛առնեն

ՀՅ Դաշնակցութեան անցած ուղին, քաղաքական դիրքորոշումները, հայաստանեան վերջին իրադարձութիւններուն մէջ անոր ունեցած դերակատարութիւնը (բնականաբար միշտ ժխտական դիտանկիւնէ), Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան հետ քոալիսիոն կառավարութեան մասնակցութիւնը, ապա սոյն կառավարութենէն դուրս գալը, ժողովուրդին կողքին կանգնիլը, նոր կառավարութեան մաս կազմելը եւ այդ կառավարութեան մէջ կարեւորագոյն նախարարութիւններ ստանձնելը, որոնք ի միջի այլոց գրաւականը կը հանդիսանան երկրի վերականգնման եւ զարգացման գործընթացը ճիշդ հունի մէջ դնելուն:

Տուեալ շրջանակները յանկարծ չափազանց մտահոգ կը թուին ըլլալ ՀՅ Դաշնակցութեան ներքին անդորրութեան, միասնականութեան եւ ճակատագիրին նկատմամբ: Արդարեւ, ի տես յատկապէս վերջերս Դիմատետրի օգտատէրերու  սոյն օրակարգերով ունեցած աննախընթաց աշխուժութեան, արուեստական եւ խիստ անհատականացած բամբասանքներու վրայ հիմնուած անոնց գրառումներուն, բնականաբար հետեւեալ հարցադրումը կը ծագի իւրաքանչիւրի մտքին մէջ: Իրապէս տուեալ հակաքարոզչութեան հիմնական դրդապատճառները ի՞նչ կրնան ըլլալ եւ ինչո՞ւ համար այսօր:

Արդեօ՞ք որովհետեւ  Դաշնակցութիւնը, հակառակ իրեն վերագրուող մեղադրանքներուն, անհիմն քննադատութիւններուն եւ ֆէյսպուքեան սին բամբասանքներուն, անդրդուելի կերպով կը շարունակէ գերադասել Հայաստանի Հանրապետութեան կայունութեան, կառուցողականութեան եւ անվտանգութեան ի խնդիր իր դերակատարութիւնը. այս արշաւները կը միտին արժեզրկել եւ հարուածել այս բոլորը: Արդեօ՞ք որովհետեւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը սովորական ազգային, յեղափոխական եւ ընկերվարական կուսակցութիւն մը ըլլալէ անկախ, նաեւ համահայկական կուսակցութիւն է եւ ինքնին համազգային արժէք, եւ իբրեւ այդպիսին պէտք է հարուածել զայն եւ խորտակել, անոր ազդեցութեան գօտին տկարացնել, կազմակերպական եւ կարգապահական կառոյցը ջլատել եւ զայն վերածել սովորական, քաղաքական, հասարակական կամ քաղաքացիական պատահական շարժումի մը եւ զբաղեցնել երկրորդական խնդիրներով:

Արդեօք ա՞յդ է պատճառը, որ ներկայիս Դաշնակցութեան ներկազմակերպական հարցերու քննարկումները  ողողած են օտար եւ անծանօթ տարրերու Դիմատետրի էջերը, որպէսզի հրապարակային վիճաբանութիւններով, փոխադարձ վիրաւորանքներով, ըսի-ըսաւներով եւ բամբասանքներով  Դաշնակցութեան հարուած հասցուի եւ մեր հակառակորդներուն ջաղացքին ջուր լեցուի:

Արդեօ՞ք որովհետեւ անհերքելի փաստ է նաեւ, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային արժէքային համակարգին մաս կազմող երեւոյթ է իր պատմական կենսափորձով, իր նուաճումներով, իր աշխարհով մէկ տարածուած կազմակերպական կառոյցով, իր ընդհանուր ժողովներով, ծրագիրով եւ կանոնագիրով:

Արդեօ՞ք անգամ մը եւս փորձ կը կատարուի թիրախ դարձնել ՀՅ Դաշնակցութեան ազգային գաղափարախօսութեան կալուածը, ազգային անժամանցելի արդար իրաւունքներու հետապնդման գծով կուսակցութեան ռազմավարութիւնը, ազգ-պետութիւն հասկացողութիւնը Դաշնակցութեան համար ամէն ինչէ վեր դասելու ռազմավարական յղացքը կամ հայեցակարգը, հայկական ուժեղ քաղաքական գործօնի առկայութիւնը եւ զուտ հայկական արեւելումի քաղաքականութիւնը: Բան մը, որ ի յառաջագունէ ձախողութեան դատապարտուած է:

Եւ վերջապէս, արդեօ՞ք որովհետեւ ինչպէս երէկ, այսօր ալ այս ամբողջ լրատուական եւ քարոզչական տաղտուկը կը միտի ոչ թէ Դաշնակցութիւնը արդիականացնել կամ բարեկարգել, այլ զայն տկարացնել ու մասնատել, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը համահայկական կարգապահ ու կազմակերպ ուժ է, կառոյց է, համախմբում է եւ ոչ թէ նոր ժամանակներու բնորոշ ապսպրանքի վրայ ժամանակաւորապէս անծանօթ տարրերու կողմէ նեղ շահերու ծառայող շարժում:

Արդարեւ, կ՛ուզենք միանգամայն ընդմիշտ հանգստացնել 128-ամեայ կենսափորձ ունեցող ՀՅ Դաշնակցութեամբ տագնապող եւ տանջուող բոլոր վերլուծաբանները, նախկին դիւանագէտները, լրատուամիջոցները, լրագրողները, ընկերային ցանցերուն աշխուժ հետեւողները եւ գրառումներ կատարողները, Դիմատետրի հանրապետութեան բնակիչները, որ ի զուր չմտահոգուին ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպական կեանքով, նախ որովհետեւ իւրաքանչիւր հարց ներքին կարգով համապատասխան եւ արդար լուծումներով կը կարգաւորուի: Ապա, որովհետեւ ասիկա առաջին անգամը չէ, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը հարուածուի  այլազան ուժերու, անծանօթ տարրերու, համադաշնակցական շրջանակներու կողմէ, որոնց թիրախը ամբողջ Դաշնակցութիւնն է իրականութեան մէջ: Առաջին անգամը չէ, որ կը յայտարարուի, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ճգնաժամի մէջ է. ըստ երեւոյթին այս մարդոց յիշողութիւնը չափազանց կարճ կը թուի ըլլալ եւ պատմութենէն բնաւ դասեր չեն քաղած: Առաջին անգամը չէ, որ Դաշնակցութեան յուղարկաւորութիւնը կազմակերպելու մոլուցքէն տառապողները, ինչպէս միշտ, պիտի վերադառնան պատմութեան աղբանոցը:

Այդ իսկ պատճառով անոնք անկասկած չարաչար կը սխալին, եթէ կը խորհին, որ այս միջոցով պիտի շեղեն կուսակցութիւնը իր հիմնական խնդիրներէն:

Չարաչար կը սխալին, եթէ կը կարծեն, որ Դաշնակցութիւնը պիտի կարենան տկարացնել ու հարուածել զայն կազմակերպականօրէն, ինչպէս նաեւ իր ազդեցութիւնը եւ հեղինակութիւնը տկարացնել:

Ընդհակառակն` որքան հալածեն, բամբասեն, անհիմն քննադատութիւններով էջեր լեցնեն Դիմատետրի աշխարհին մէջ, այդքան կ՛ուժեղանայ Դաշնակցութիւնը, որքան ճնշեն ու վարկաբեկել փորձեն, այնքան կը զօրանայ ու կը վերանորոգուի, իր բարոյական ազդեցութիւնը աւելի կը տարածուի երկրի թէ արտերկրի հայութեան մէջ հաւասարապէս:

Եւ վերջապէս, հակառակ բոլոր տեսակի ճնշումներուն,

ցեխարձակումներուն, լայնածաւալ ապատեղեկատուական քարոզարշաւին, միեւնոյնն է, ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր գաղափարապաշտ ու կարգապահ շարքերով եւ համակիրներով, վճռականօրէն ու հետեւողականօրէն պիտի շարունակէ իր գործը, ինչ գնով ալ ըլլայ ատիկա, Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջականութեան ի խնդիր:

Սա է Դաշնակցութիւնը:

 

Հարիւր Ականաւոր Դէմքերու Յուշ-Պատգամներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Շաւարշ Միսաքեան
(1884-1957)

* Եթէ ուրիշ որեւէ արժէք մէկդի դնէինք, միայն կռուած ըլլալու իրողութիւնը բաւական էր, որպէսզի մարդիկ երկիւղածութեամբ խոնարհէին մայիս 28-ի յիշատակին առջեւ:

Եւ ի՜նչ կռիւ… Նոյնիսկ եթէ միայն ինքնապաշտպանութեան համար մղուած ըլլար:

Միայն մեր մէջ է, որ մարդիկ շուտ կը մոռնան անցեալը, կամ բանգիտութիւն կը սեպեն «պատահմունք»-ի, «դէպքերու դասաւորման» վերագրել  անվիճելի նուաճումներ եւ փաստեր:

Եւ միայն մեր մէջ է, որ նոյնիսկ թափուած արեան խորհուրդը կը շփոթեն առօրեայ իմաստութեանց հետ:

Ո՞վ կրցաւ նկարագրել այդ օրերը` 1918 մայիս 28-ի սկիզբէն մինչեւ մայիս 28: Ո՞վ պիտի կրնար պատկերացնել այսօր այն ահաւոր հեռանկարը, որ կը սպառնար Արարատեան դաշտն ալ խեղդել արեան գետերու մէջ:

* Կ՛ըսեն «ոմանք ի նոցանէ».

Կ՛արժէ՞այդքան պանծացնել մայիս 28-ը: Պարզապէս` պատահմունք, դէպքերու դասաւորում, որ իրեն հետ բերաւ յուսայատութիւն, աւեր եւ արիւն: Եւ ի՞նչքան կրցաւ տեւել, ոչ իսկ` երեք տարի: Եթէ ռուսն ալ օգնութեան հասած չըլլար…

– Մի՛ փրփրիր եւ լսէ՛, ցամա՛ք հոգի: Սորվէ՛ լսել:

Եթէ առիթը ունեցած ես պատմութիւն թղթատելու, գոնէ` ժամանակակից պատմութիւնը սերտելու, պիտի տեսնես բազմաթիւ նման «պատահմունքներ»: Շա՜տ շատերը այսօրուան ազատ ու անկախ ազգերէն` իրենց փրկութիւնը կը պարտին այդպիսի դասաւորումներու: Աշխարհ մը կը բռնկի, ամբողջ ժողովուրդներ կրակը կ՛իյնան: Ճակատներ կը փայլատակին ու կը խորտակուին, ուրիշներ կը բոցավառին ու կը յաղթանակեն: Դժուար է գիտական ճշդութեամբ նախատեսել ճակատամարտերու ելքը: Շատ բան կախում ունի աշխարհագրական, զինուորական, նիւթական ազդակներէ: Իսկ այդ բոլորին վերեւ` բարոյական կորովն է, որ կը սրէ նայուածքները եւ աւիշ կը հոսեցնէ երակներուն մէջ:

Արմէն Անուշ
(Մարաշլեան, 1907-1958)

* Մայիսեան յաղթանակէն առաջ հայ քաղաքական միտքը դեռ կը դեգերէր բարենորոգումներու եւ այլ անել բաւիղներու մէջ: Սարդարապատի եւ Ղարաքիլիսէի դիւցազնական կռիւները եւ անոնց յաջորդող անկախութիւնը մեր ժողովուրդը եւ անոր քաղաքական մտածողութիւնը դրին նոր դարձակէտի մը առջեւ` միացեալ եւ անկախ Հայաստան: Այս գաղափարաբանութիւնը ծնունդ առաւ մայիսի 28-ով եւ հետզհետէ դարձաւ ազատատենչ եւ մարտնչող հայութեան քաղաքական ուղեգիծը:

* Մայիսը հայ դարաւոր արիւնին եւ յաղթականին տօնն է, Պանք Օթոմանէն մինչեւ Սարդարապատ, Խանասորէն մինչեւ Բաշ Ապարան նահատակուող հերոսներու արիւնին պսակումն է եւ մեր դիւցազնական պատմութեան լուսաւոր հանգրուաններէն մէկը:

* Մայիսը, Իսրայէլ Օրիէն սկսած, մեր բոլոր գաղափարապաշտ գործիչներուն հաւատքին լուսեղէն ցայտն է եւ պայծառ իրականացումը` մեր ժողովուրդի երազներուն:

* Բաշ Ապարա՛ն,

Հայոց հողի լոյս ընդերքէն նուիրական,
Ծիրանափոռ ծովէն ժայթքող կարմիր արեւ,
Դուն մաքրեցիր մեր ճակատին արատը սեւ,
Յետոյ եղար անմահոգին մեր պատմութեան,
Բաշ Ապարա՛ն:

Բաշ Ապարա՛ն,
Կ՛անցնին օրերն ու արեւներն հրանման,
Կ՛անցնին դարերն աղմկայոյզ ու խելագար,
Կ՛անցնին բոլոր բռնակալները վատթար,
Դուն կը մնաս գագաթը մեր նոր պատմութեան,
Բաշ Ապարա՛ն:

* … Մայիսեան յաղթանակը մեր ժողովուրդի քաղաքական գիտակցութեան եւ անոր յատուկ ըմբռնումին եւ լուսաւոր գալիքին տօնն է, հայ քաղաքական մտքին յաղթանակն է ան եւ` ազգային-քաղաքական ծրագրի մը սկիզբը:

* Մայիսեան տօնը` ուրեմն, մեր անկախութեան սկիզբն է, փառաշուք յաղթանակի մը տարեդարձը եւ նոր յաղթանակներու տանող լուսաշող ճամբան:

Գաբրիէլ Լազեան
(1893-1959)

* Կրկնե՛նք: Հայ մը կրնայ իրեն վերապահուած որեւէ պատճառով չհետաքրքրուիլ մայիսի 28-ի ազգային տօնակատարութեամբ: Բայց ինչո՞ւ դէմ պիտի ըլլայ, երբ իր ազգակիցները կ՛ուզեն տօնել, փառաբանել յիշատակը այն հերոսներուն, որոնք արիաբար մարտնջեցան Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի, Սարդարապատի մէջ եւ թոյլ չտուին, որ ապրիլ 24-ը կրկնուի Արարատեան դաշտին վրայ:

* Եւ առանց այդ նկատառումներուն` համոզուած ենք, որ իր երակներուն մէջ հայու արիւն կրող ամէն հայ, ինչ յարանուանութեան կամ քաղաքական հոսանքի ալ պատկանի, ամէն տարի մայիսի 28-ին խոր յարգանքով ու յուզումով կ՛ոգեկոչէ յիշատակը բոլոր նահատակներուն, որոնք ռազմադաշտերու վրայ ինկան` ի փառս յաւիտենական Հայաստանին:

Յարութիւն Չագրեան
(1900-1961)

* Ինքնամփոփման այս շրջանին մէջ, թէեւ` տարագիր, մենք խոր հաւատքով կ՛ողջունենք մայիսի 28-ը` անոր ամէն մէկ տօնակատարութիւնը համարելով ամրապնդում եւ ուժերու խտացում:

Ոչ մէկ ընկրկում` այն ճամբուն վրայ, որ կը կոչուի միացեալ եւ անկախ Հայաստան:

Մայիսի 28-ով բացուեցաւ այդ ճամբան, կռիւով եւ արիւնով:

Ճամբուն կէսը կտրած ենք արդէն, եւ անյաղթելի չէ մնացեալ կէսը, եթէ միայն ուղիղ նայինք նշանակէտին եւ ամուր քալենք ազգովին ու համերաշխաբար:

* Անոնք, որոնք տեղի անտեղի գոհունակութիւն կը մատուցեն այսօրուան մանրանկար Հայաստանին ու կը հաւատան անոր ապագային, այդքանն իսկ ցնորք կը համարէին երէկ:

Մենք վստահ ենք, որ ուշ կամ կանուխ անոնք նոյնքան ջերմեռանդութեամբ պիտի հաւատան մայիսի 28-ին, պիտի համախմբուին անոր շուրջը:

Գուրգէն Մխիթարեան
(1890-1962)

* Ի՜նչ ողորմելի պիտի ըլլայինք մենք, եթէ 1915-ին համատարած կոտորածներուն եւ աքսորին, Ուրֆայէն Գարահիսար ու Վանէն Սուէտիա` չվառէին դիւցազնական հրդեհները, որոնք անվարան բռնկումներն էին Դաշնակցութեան անթեղած պայքարի կայծերուն: Առանց այդ հերոսամարտերուն` մենք այսօր պիտի մնայինք գլխիկոր ու կորաքամակ, երկչոտ եւ ամօթխած: Դարձեալ Դաշնակցութիւնն էր, որ ստեղծեց այսօրուան Հայաստանը, կազմակերպեց պետականութիւն, ստեղծեց բանակ, հիմնեց համալսարան եւ մեր երկրին տուաւ զուտ մերազն բնակչութիւն:

Յովակիմ Մելիքեան
(1885-1964)

* Մայիս 19-ի առաւօտեան նահանջեցինք Սարդարապատ: Արաքս կայարանից մեր առջեւ բացուեց մի հրաշաքեղ տեսարան: Ձախ կողմում կանգնած էր Արագած սարը, որ կարծես ծաղրել էր ուզում մեր նահանջը: Իսկ աջ կողմում կանգնած էր սպիտակափառ, վեհապանծ Մասիսը: Այդ երկու սարերը, կարծէք, ծաղրում էին մեզ` իրենց հարազատ զաւակների փութկոտ նահանջը…

Մայիս 22-ին սկսուեց շատ ուժեղ կռիւ…

Մինչեւ մեր գնդի գործողութիւնները անցնելը` ձախ թեւից հայ պարտիզանական գնդի հեծելազօրը խփեց թուրքերին… որոնք գլխակորոյս լքում էին դիրքերը եւ փախչում: Այս գործողութիւնը որոշեց պատերազմի բախտը:

Եդուարդ Պոյաճեան
(1915-1966)

* Ընկերային բոլոր խաւերուն մէջ ապրող հայերուն գաղափարական ու թռիչք տալու համար բաւարա՛ր է Մայիս 28-ի լուսեղէն հրաշքը, պէտք է բոլորը ցնցուին , տօնական այս գերագոյն օրուան մէջ:

* Կա՛նք:
Պիտի մնա՛նք:
Վճռած ենք ատիկա:

Մեր վերջին խօսքն է, որ ահա առաջ կ՛ըսենք:

Ապրելու մեր հաւատամքին իբրեւ խարիսխ` ունինք մեր պատմութիւնը, սկիզբէն մինչեւ այսօր:

Սեւ փոթորիկը չկրցաւ բնաջինջ ընել մեզ:

Քանի մը տարի ետք, հեղեղային շքեղութեամբ մայիսին, աշխարհ տեսաւ, թէ կորսուած հայը ստեղծած է իր անկախութիւնը: Կը քալէ բարձրագլուխ ու պայծառ դրօշով, յաղթական եռագոյնով:

* Հայ պետական ազատ կեանքի յարութեան օրն է մայիս 28-ը, մեր անկախութեան ադամանդեայ խորհուրդն է ասկէ վերջ, մեր ազգային գոյութեան մայր ուղեգիծը:

* Ամէն տարի, մայիս 28-ի առտուն, հայոց նոր գրականութիւնը պէտք է իր ցնծութեան խորունկ մէկ պահը ապրի. պէտք է մեր գրողներուն հոգին առատանայ, ծովանայ, շողարձակէ ինքզինք այդ որ մինչեւ իրիկուն ու մինչեւ ուշ գիշեր, Մեծ թուականին համար մեծ արարքներ ու մեծագոյն ուխտեր հարկաւոր են. հարկաւոր են խոշոր լռութիւններ ու հաւատքի աւելի եւս խոշոր ձայներ, երաժշտութիւններ, ներշնչո՛ւմ:

* Եղերական միլիոնի մը թուականը` անդրադարձած հայութեան մէջ նախ որպէս յաւիտենական սուգ եւ բարկութիւն, եղած է տակաւ ու կը շարունակէ ըլլալ որպէս ազատ ազգ ապրելու կատաղի կամք մը, մայիս 28-ով հսկայական այդ կամքը մեր էութեան խարիսխն է ալ, իւրաքանչիւր հայ անհատի երկրորդ բնութիւնը, առաջին բնութենէն աւելի գերազա՛նց բնութիւն մը:

Համաստեղ
(Համբարձում Կէլէնեան, 1895-1966)

* «ՏՈՒԱ ըրէք եզայ լէն ճակտին եւ մշակին», կ՛ըսէ հայ գիւղացին: Այն եզն ու մշակը հայ ժողովուրդն է` արիւնով գծուած Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս: Այնտեղ է, որ սերմնացանը բուռը կը լեցնէ ցորենի սերմերը նետելու: Մեծ համբերութիւնով եւ զոհողութիւնով աշխատանք տարուած է արդէն քարերը մաքրելու: Մենք կը հաւատանք հողի բարութիւններով մեր ժողովուրդի խաղաղ ու համբերատար աշխատանքին: Ան արտը պիտի դարձնէ բերրի ու բարգաւաճ:

Եդուարդ Տարօնեան
(1896-1967)

* Մայիսի 28-ը պատմական ճշմարտութիւն մըն է, զոր կարելի չէ ուրանալ: Ասի որոշում մը չէ, որ կարենանք հաճոյակատարութեամբ ետ առնել, այլ` իրողութիւն մը, զոր ժամանակը իր ծալքերուն մէջ տարաւ, եւ որմէ այլեւս անհնար է որեւէ բան խլել: Անցեալը փոփոխութեան ենթարկել, պատմութեան էջերը սրբագրել` մեր ուժերէն վեր է:

* Մայիսի 28-ը մերն է. հայ ռազմիկի արիւնին մէջ ծլած ծաղիկ մը, հայ տղամարդու բազուկով կերտուած կոթող մը:

Արսէն Երկաթ
(1893-1969)

* Չարութեան եւ ժխտումի զօրութիւնները փորձեցին պարտադրել մեզի,

Որ հետզհետէ տժգունած յիշատակի մը վերածէինք քեզ:

Թանձրածալ սեւ վարագոյր մը իջեցուցին
Վեհասքանչ տեսիլքիդ վրայ.
Խժալուր աղաղակներով խափանեցին
Լուսադաշնակ համանուագը հերոսաշունչ քայլերգիդ,
Որ կը կոչուի Սարդարապատ:

* …Ամէն անգամ, երբ կը ղօղանջեն յարութեան զանգակներն աւետաբեր,

Երբ գերեզմանէ գերեզման կը փոթորկի կանչ մը կարօտաձայն,
Ինչպէս մինչեւ հեռատարած հորիզոնը թաւալող կոհակները ծովուն,
Ձայն մը մոլեգնասաստ, յաւերժութեան ձիւնասպիտակ բեւեռներէն հասնող.
«Սարդարապա՜տ, ամրոց անանցանելի»:

Սիմոն Վրացեան
(Գրուզինեան, 1882-1969)

* Ի՞նչ պատահեցաւ 1918 մայիս 28-ին: Հայ ժողովուրդը ընդ հուր եւ ընդ սուր անցնելով, անպատում տառապանքներ կրելով, մեծ զոհեր տալով` ծնունդ տուաւ Հայաստանի անկախութեան: Շատեր ըսին` վաղաժամ ծնունդ: Հայ ժողովուրդը մնացած էր մինակ, կտրուած` հարեւաններէն, Ռուսաստանէն: Երես առ երես իր մահացու թշնամի թուրքին հետ մահու եւ կենաց կռիւ էր: Վճռական ժամ էր: Կա՛մ հայ ժողովուրդին վերջին մասն ալ դատապարտուած էր մեռնելու, կորսուելու, կա՛մ ժողովուրդը պիտի կարողանար պաշտպանել ինքզինք: Եւ հայ ժողովուրդը` առանց դասակարգի, դաւանանքի եւ գաղափարի խտրութեան, միահամուռ ծառացաւ: Թշնամին ստիպուած եղաւ Հայաստանը ճանչնալ իբրեւ անկախ պետութիւն: 11 հազար քառ. քմ Հայաստանը հետզհետէ ընդարձակուեցաւ, տարածուեցաւ. հողամասեր, որոնք գրաւուած էին, անցան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ այլ վաղաժամօրէն ստեղծուած Հայաստանը միջազգային ճանաչում ունեցաւ, մասնակցեցաւ խաղաղութեան ժողովին` ստորագրելով Սեւրի դաշնագիրը: Այդպիսով գոյացաւ Հայաստանի միացեալ եւ անկախ հանրապետութիւնը, որուն սահմանները գծուեցան նախագահ Ուիլսընի կողմէ:

* 1918թ. մայիսին քաղաքական դէպքերի բերումով եւ հայ ժողովրդի առնական բազուկով ստեղծուեց Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Երկու եւ կէս տարուայ ընթացքին անձեւ քաոսի եւ աւերածութեան միջից ծնուած մանուկ պետութիւնը հասակ նետեց, կազմակերպուեց, ամրացաւ, քաղաքական կերպարանք ստացաւ, ճանաչուեց արտաքին ուժերի կողմից, ուրիշ մեծ ու փոքր պետութիւնների հետ միասին ստորագրելով Սեւրի դաշնագիրը` հասաւ Հայկական հարցի տրամաբանական լուծման եւ հաւասարէ հաւասար մտաւ ազգերի միջազգային համակեցութեան մէջ:

* Այսպիսով, Հայաստանի անկախութեան յայտարարութեան օրը իսկապէս պէտք էր համարուէր մայիս 30-ը: Հակառակ դրան` համարւում է մայիս 28-ը, այսինքն` այն օրը, երբ Ազգ. Խորհուրդը վճռեց հաշտութեան պատուիրակութիւն ուղարկել Պաթում: Անուղղակի կերպով այս օրն էլ կարող է համարուել անկախութեան սկզբնաւորութիւն, որովհետեւ թուրքերը հաշտութեան բանակցութիւններ վարելու համար նախապայման էին դրել անկախութեան յայտարարութիւնը: Ընդունելով թիւրքերի պայմանը` Ազգ. խորհուրդը դրանով իսկ հաստատած էր լինում անկախութեան փաստը:

Այսպէս թէ այնպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան ծագման օրը ընդունուեց Մայիս 28-ը: Այդ օրը դարձաւ նուիրական` հայ ժողովրդի համար եւ մտաւ ազգային տօնացոյցի մէջ` իբրեւ սրբազան օրերից մէկը:

* 1918-ին ստեղծուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ հիմնովին փոխեց հայ ժողովուրդի քաղաքական մտածելակերպը:

Հայաստանը իբրեւ միջազգային, քաղաքական եւ իրաւական միաւոր` կը ներկայացնէր մեր ամբողջ ժողովուրդի բաղձանքը. անկախ ըլլալ:

* Պէտք չէ մոռնալ, թէ ի՛նչ ժամանակաշրջան էր 1920 թուականի ամառը: Հայաստան արդէն կազմակերպուած եւ միջազգային ճանաչում ստացած պետութիւն էր: Օգոստոս 10-ին, Սեւրում, մեծ պետութիւնների շարքին, Հայաստանի պատուիրակն էլ ստորագրեց Խաղաղութեան դաշնագիրը Թուրքիայի հետ, որով Հայաստանի Հանրապետութիւնը ամբողջացած` դառնում էր անկախ ազգերի համակեցութեան իրաւատէր անդամ: Թւում էր, թէ հայ ժողովրդի դարաւոր իղձերը իրականանում էին:

* Վարչաձեւերը ժամանակաւոր երեւոյթներ են: Ժամանակաւոր են եւ վարիչները: Յաւերժական են ազգերն ու հայրենիքները, հայրենի հողի վրայ նստած ժողովուրդները: Յաւերժական է ազատատենչ հայ ժողովուրդը, որ մահուամբ մահը կոխելով` կերտեց հայրենիքի անկախութիւնը:

Ժամանակները յղի են դէպքերով: Պատմութիւնը վերջացած չէ: Մենք հաւատում ենք, որ Հայաստանը նորից կը լինի ազատ եւ անկախ, աւելի լայն ազգային սահմաններով: Ընդունակ` տեղ տալու իր ծոցում ի սփիւռս աշխարհի հողմացրիւ եղած զաւակներին:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակում է ապրել հայ ժողովուրդի սրտում, որպէս մշտավառ յուշ` անցեալի եւ իբրեւ կենդանի յոյս` ապագայի:

* … Ընդ հուր եւ ընդ սուր անցնելով` Հայաստանը կոչուեց անկախ կեանքի: Ցնծութեան աղաղակներով ու ծափերով չընդունուեց հանրապետութեան ծնունդը: Ընդհակառակը, շատերի համար նա նկատւում էր անժամանակ ծնունդ: Հիւանդ երեխայ աշխարհ բերած մօր պէս, հայ ժողովուրդը գլուխ էր ծեծում սգաւոր` շշնջալով. «Դու իմ եւ ուրախութիւնն ես, դու` դժբախտութիւնը իմ…»: Այո՛, արցունքի ու տառապանքի ծովից ծնուեց Հայաստանի անկախութիւնը: Ոմանք չէին հաւատում նրան, անկախութիւն ու հանրապետութիւն բառերը դնում էին չակերտի մէջ: Եւ այդպէս վարուելու հիմքերը շատ էին զօրաւոր. իրօք որ, զարհուրելի էին պայմանները, եւ անկախութիւնը այդ պայմաններում թուում էր հեգնանք…

* Վերջապէս ներքին ազգային կեանքի մէջ մայիս 28-ը հիմնովին յեղաշրջեց հայ անհատի հոգեբանութիւնը. հպատակ էր ան` դարձաւ քաղաքացի, թափառական էր` հայրենիք ու պետութիւն ունեցաւ: Տեսաւ ազգային դրօշակ, հայկական անցագիր, դրամ, նամակադրոշմ: Հայկական խորհրդարան, կառավարութիւն, բանակ ու ոստիկանութիւն, դեսպան ու հիւպատոս: Հայ պետութեան ներկայացուցիչներ տեսաւ միջազգային ժողովներու մէջ: Այս փաստերէն չէր կրնար չազդուիլ ու հոգեպէս չվերածնիլ հայ մարդը: Փաստերը թէեւ ջնջուած են, բայց հոգեբանութիւնը չի կրնար ջնջուիլ բռնակալ ձեռքերով: Այսօրուան հայը հակառակ բոլոր դառն ապրումներուն` այն չէ, ինչ որ էր մայիս 28-էն առաջ:

* … Իսկ գործ շատ կար: Վերից վար պէտք էր կառուցել պետական մեքենան: Երկիրը կատարեալ քաոսի եւ անիշխանութեան մէջ էր, պէտք էր կարգ ու օրէնք հաստատել: Գաղթականութիւնը սնունդ ու բնակարան էր պահանջում, պէտք էր տալ: Պէտք էր կարգադրել պարենաւորման ու դրամական հարցերը: Սահմանների վրայ ընդհարումներ էին տեղի ունենում, մահմետական խռովութիւնները երկրում չէին վերացած իսպառ, պէտք էր հաշտութիւնը գործնականացնել արտաքին ու ներքին թշնամու հետ: ՄԻ ԽՕՍՔՈՎ, ՊէՏՔ ԷՐ ՈՉՆՉԻՑ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՍՏԵՂԾԵԼ…

* Մայիս 28-ին փարած հայու պահանջը բացառիկ շնորհ մը չէ: Ան կը ձգտի ունենալ այն, ինչ որ ունին ուրիշ ժողովուրդներ նոյն չափով եւ միեւնոյն սահմանումով: Անկախ եւ ազատ` այնպէս, ինչպէս անկախ եւ ազատ են ուրիշ ազգեր: Այս են մայիս 28-ի իմաստն ու խորհուրդը եւ հայ ժողովուրդին հաւատումն ու ձգտումը: Եւ «Յայսմ հաւատոց զմեզ ոչ ոք կարէ խախտել, ո՛չ հրեշտակք եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուր, ո՛չ հուր, ո՛չ ջուր, ո՛չ ամենայն զինչ եւ են դառն հարուածք» (Եղիշէ):

Այո՛, ոչ ոք կարէ խախտել:

* Պատմական իրողութիւն է, որ® Խորհրդային Հայաստանը շարունակութիւնն է Հայաստանի Հանրապետութեան: Եթէ տեղի չունենային այն մաքառումները, որոնք յանգեցրին հայկական անկախ պետութեան ստեղծման 1918թ. մայիսի 28-ին, եթէ գոյութիւն չունենար Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ազգային կազմով ու նկարագրով, այսօր գոյութիւն չէր ունենայ եւ Խորհրդային Հայաստանը ազգային կազմով ու դիմագծով:

Հայաստանի խորհրդային վարչաձեւը շատ ճիգ թափեց, որպէսզի ազատագրուի հայ ժողովրդի քաղաքական ժառանգութիւնից. մերժեց ընդունել «ամենայն հայոց կառավարութեան» դերը, հրաժարուեց Հայկական Հարցի հետապնդումից, ուրացաւ հայկական սփիւռքի գոյութիւնը: Ի զուր: Ժամանակը պարտադրեց նրան ճանաչել ե՛ւ Հայկական հարցը, ե՛ւ հայկական սփիւռքը, եւ անբնական չի լինի, եթէ վաղը իր վրայ առնէ եւ «ամենայն հայոց կառավարութեան» պատմուճանն էլ:

Ժամանակը ունի եւ իր խորհուրդը: Հայաստանի Հանրապետութեան սերունդը եւ իր յաջորդները այդ օրուան են սպասում եւ պայքարում են այդ օրուայ համար:

Վարչաձեւերը ժամանակաւոր երեւոյթ են:

Ժամանակաւոր են վարիչները:

Յաւերժական են ազգերն ու հայրենիքները, հայրենի հողի վրայ նստած ժողովուրդները:

Յաւերժական է ազատատենչ հայ ժողովուրդը, որ մահուամբ մահը կոխկռտելով` կերտեց հայրենիքի անկախութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակում է ապրել հայ ժողովրդի սրտում որպէս մշտավառ յուշ` անցեալի եւ իբրեւ կենդանի յոյս` ապագայի:

(Շար. 5)

Երէցկին Արփինէ Գարագաշեանի Յիշատակին

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Քառասուն օրեր առաջ, դժուար ու երբեմն տառապալից կեանքի մը ճանապարհորդութենէն ետք, մահացաւ Այնճարի երիցուհի եւ վաստակաշատ կրթական մշակ Արփինէ Գարագաշեան: Գիւղի հաւաքական կեանքի աշխատանքներուն մէջ, Աշոտ քհնյ. Գարագաշեանի կողքին, հանգուցեալը ունեցաւ հիմնական դերակատարութիւն եկեղեցւոյ կեանքի պայծառացման, կիրակնօրեայ դպրոցի, տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի աշխատանքներուն մէջ: Այս բոլորի կողքին անշուշտ, ան չզլացաւ իր դերակատարութիւնը գիւղի միութենական կեանքի բոլոր աշխատանքներուն մէջ:

Անկախ երէցկինի եկեղեցական ու կրթական վաստակէն, պէտք է լուսարձակի տակ բերել նաեւ իր զաւկին եւ իմ դասընկերոջս` Պետոյի հանդէպ ցուցաբերած անսահման գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը եւ անոր ի ծնէ ունեցած լեզուական ու լսողական դժուարութիւնները յաղթահարելու գերբնական ճիգը եւ այդ բոլորը ինքնաշխատութեամբ աճած իր մասնագիտական եւ բծախնդիր հմտութեամբ ու պաշարով: Համակող օրինակ մը, որուն մասին վկայելու բարոյական իրաւունքը կու տամ ինծի, որովհետեւ թէ՛ իբրեւ դասընկեր եւ թէ՛ ընտանեկան մօտիկ յարաբերութեան մէջ միասին կազմաւորուած տղաք, ամէն օր կը տեսնէի երէցկինին ցուցաբերած ճիգը եւ ականատես կը դառնայի անոր ապրած ուրախութեան, երբ Պետոն իր արտայայտութիւններուն մէջ նոր յառաջդիմութիւն մը արձանագրէր:

Այն սերունդը, որուն կարկառուն մէկ ներկայացուցիչն էր Արփինէ Գարագաշեան, կամաց- կամաց կը հեռանայ մեր կեանքէն: Այդ սերունդը յատուկ նկարագիր ու ջերմութիւն փոխանցեց գիւղի առօրեայ կեանքին, երբ դրացին, գործընկերը, կուսակցական եւ միութենական կեանքի պատասխանատու անդամները իրենց յարաբերութիւնները կ՛աճեցնէին ընտանեկան կեանքի առթած համազօր մտերմութեամբ ու ընկերականութեամբ` գիւղը դարձնելով օրինակելի մեծ ընտանիք, ուր բոլորը անխտի՛ր իրարու հարազատ ու ազգական էին:

Անշուշտ, այսօրուան ժամանակակից պայմանները իրենց առարկայական ու ենթակայական գործօններու ազդեցութեան ներքեւ շատ բան փոխած են մեր հաւաքական կեանքի արժեհամակարգէն: Կարօտի զգացում մը չէ, որ կ՛ուզեմ փոխանցել, սակայն համոզուած եմ, որ արդի պայմաններուն մէջ ալ նորացուած ճիգով կարելի է այդ հարազատութիւնն ու ջերմութիւնը վառ պահել եւ երէցկինի ու իր սերնդակիցներու աշխատանքը եւ վաստակը դարձնել մեր կեանքին մէջ համակող ներկայութիւն:

Այո՛, գիւղին երէցկինն էր տիկին Արփինէ Գարագաշեան, որ ապրեցաւ գիւղացիի բոլոր տագնապները, հպարտացաւ անոր բոլոր նուաճումներով եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ իր գործը աւարտած հրաժեշտ տուաւ ընտանիքին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանին եւ ընդհանրապէս Այնճար հայաւանին:

Կը խոնարհինք իր անմոռաց յիշատակին դիմաց:

 

 

ՀՄԸՄ-ի «Պոմպ Աթոմիք»-ը Պատմութեան Անցաւ (Վարդիվառ Յովհաննէսեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

$
0
0

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Վարդիվառ Յովհաննէսեան

15 ապրիլ 2018-ին, 93 տարեկան հասակին, Փարիզի մէջ մահացաւ ՀՄԸՄ-ական ֆութպոլի «Պոմպ աթոմիք»-ը` Վարդիվառ Յովհաննէսեան, անկրկնելի սերունդի մը վերջին ներկայացուցիչը:

Մարզասէրներ Վարդիվառ Յովհաննէսեանը ճանչցած են իբրեւ «ՀՄԸՄ-ի Վարդիվառը»: Ու տասնամեակներ շարունակ մեծ եղած է այս երկու բառերուն զուգորդութիւնը: Մէկը միւսը հարստացնող, մէկը միւսը ամբողջացնող, մէկը միւսին համ ու հոտ տուող: Եւ այս բոլորը` այնպիսի փայլուն յաջողութիւններով, որոնց մեծ մասը կերտուած է ֆութպոլի դաշտերու վրայ` Լիբանանէն Պաղեստին, Սուրիայէն Կիպրոս եւ Թուրքիա:

Վարդիվառ Յովհաննէսեանը կը պատկանի 1940-ական տարիներու ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ֆութպոլի փառաւոր տասնամեակը կերտած տիտաններու այն սերունդին, որ իւրայատուկ դեր եւ դիմագիծ կու տայ իր միութեան` ՀՄԸՄ-ին` յաղթանակներու բերկրանք եւ ազգային հպարտութիւն պարգեւելով անոր բազմահազար համակիրներուն, ժամանակի մը մէջ, երբ ներազգային մեր կեանքը երկփեղկումի եւ տեղատուութեան տխուր հանգրուան մը կը բոլորէր: Վարդիվառ եւ իր աննման խմբակիցները` Մանուէլ Ալթունեանը, Սաաթճին (Կարապետ Սաաթճեան), Ժորժ Շատարեւեանը, Եղիշէ Մանուկեանը, Տիգրան Արապեանը, Յովհաննէս Նազարեանը եւ Սարգիս Ազնաւորեանը ամբողջական նուիրումով, զոհաբերութեամբ եւ յանձնառութեամբ բարձր կը պահեն ՀՄԸՄ-ի դրօշը` յաղթանակէ յաղթանակ առաջնորդելով զայն:

Վարդիվառ Յովհաննէսեանը կը ծնի 25 դեկտեմբեր 1925-ին, Պէյրութ: Ան իր նախնական ուսումը կը ստանայ Նորաշէնի Մեսրոպեան վարժարանին եւ Էշրեֆիէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանին մէջ, ուր կը սորվի նաեւ ֆութպոլ խաղալ:

 

1939-ին ան մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի սկաուտներու «Յառաջ» ֆութպոլի խումբին, որուն կազմին մէջ կը թրծուի իբրեւ տոկուն ֆութպոլիստ: 1941-1952 ան պատուով կը կրէ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին շապիկը, որուն հետ չորս անգամ կը տիրանայ Լիբանանի ախոյեանութեան (1944, 1946, 1948, 1951), երկու անգամ` բաժակին (1943, 1948), եւ հինգ անգամ` ՀՄԸՄ-ի միջմասնաճիւղային խաղերու առաջնութեան (1942, 1944, 1948, 1951, 1952): 1945-1952 ան մաս կը կազմէ նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին:

1945-ին, դեռ ֆութպոլիստ, Ժոզեֆ Նալպանտեանի եւ Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեանի հետ Վարդիվառ Յովհաննէսեանը մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ֆութպոլի երկրորդական խումբերու կեդրոնական յանձնախումբին եւ հսկայական աշխատանք կը տանի օրուան 16 երկրորդական խումբերէն («Մայր Հայաստան», «Ազատամարտ», «Խանասոր», «Մուրատ», «Քրիստափոր», «Շանթ», «Համազասպ», «Բաբգէն Սիւնի»…) ներկայացուցչական խումբին խոստմնալից ֆութպոլիստներ հասցնելու համար:

1951-1952, Վարդիվառ Յովհաննէսեանը Շուէտի մէջ վեց ամիս կը հետեւի ֆութպոլի մարզումի յատուկ դասընթացքներու: Լիբանան վերադարձին «ՀՄԸՄ-ի Վարդիվառ»-ը կը դառնայ լիբանանեան ֆութպոլի աստղ, մինչեւ որ դժբախտ պատահար մը կանուխէն վերջ կու տայ ֆութպոլիստի իր ասպարէզին: Մարտ 1952-ին, հազիւ 27 տարեկան, ան ընդմիշտ կը հեռանայ կանաչ դաշտերէն, երբ եգիպտական խումբի մը դէմ մրցած պահուն հակառակորդ յետսապահ մը ծանրօրէն կը վիրաւորէ իր կրունկը:

Վարդիվառ Յովհաննէսեան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմի անդամներուն հետ, 1972-ին:
Ոտքի, ձախէն աջ` Յարութիւն Գեղարդ, Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան, Վարդիվառ Յովհաննէսեան եւ Վարուժան Մուրատեան:
Նստած` Երուանդ Տեմիրճեան, տոքթ. Միսաք Արզումանեան, Յովհաննէս Շահինեան, Վարդգէս Ալահայտոյեան եւ Բիւզանդ Թորիկեան

Այնուհետեւ, Վարդիվառ Յովհաննէսեանը կ՛անցնի վարչական աշխատանքի: Ան յաճախ կը մասնակցի ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ եւ Լիբանանի պատգամաւորական Ժողովներուն: 1953-ին, մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան, իսկ 1971-1973` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան:

1995-ին եւ 1999-ին, ան կը մասնակցի ՀՄԸՄ-ի Զ. եւ Է. պատգամաւորական ժողովներուն: Է. պատգամաւորական ժողովի նախօրեակին, 31 մարտ 1999-ին, միութենական իր երկարամեայ ծառայութիւններուն առ ի գնահատանք` ան կ՛արժանանայ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան «Արտակարգ» պատուանշանին:

Հաւատաւոր ՀՄԸՄ-ական մը ըլլալու կողքին, Վարդիվառ Յովհաննէսեանը եղած է նաեւ նուիրեալ դաշնակցական մը: 1947-ին, Կարօ Սասունիի կնքահայրութեամբ, ան մուտք կը գործէ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքեր եւ մինչեւ մահ կը մնայ «անկեղծ զինուորը» իր ժողովուրդին եւ անոր արդար Դատին: 1960-ական տարիներուն ան շրջան մը մաս կը կազմէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին: 1964-ին` իբրեւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ, ան մաս կը կազմէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտի շինութեան գործադիր յանձնախումբին:

1989-ին Վարդիվառ Յովհաննէսեանը կը հաստատուի Փարիզ, ուր մաս կը կազմէ տեղւոյն ՀՄԸՄ-Ֆրանսին: Ամուսնացած է եւ ունի 1 մանչ եւ 2 աղջիկ:

2000 թուականին Վարդիվառ Յովհաննէսեանը լոյս կ՛ընծայէ ՀՄԸՄ-ական ֆութպոլիստի իր օրագրութիւններն ու տպաւորութիւնները ներկայացնող «Յուշեր ՀՄԸՄ-ականի կեանքէս – 1940-1952» հատորը: Գիրքը պատմական-դաստիարակչական խորք ու արժէք ունեցող յուշագրութիւնն է ֆութպոլիստի մը, որուն յանձնառութիւնն ու նուիրումը անսակարկելի եղած է ՀՄԸՄ-ի յաղթական երթին եւ լիբանանեան ֆութպոլի պատմութեան: Գիրքը յուզումով, հիացումով եւ պարծանքով կը ներկայացնէ ՀՄԸՄ-ի 170 խաղերու մասին ծանօթութիւններ եւ յիշարժան 60 խաղերու մասին մանրամասն տեղեկութիւններ:

Վարդիվառ Յովհաննէսեանի անդարձ մեկնումով վերջնականապէս պատմութեան կ՛անցնի սերունդ մը, որուն մարզական յաղթանակներով մեր ժողովուրդը փաստը տուաւ ճակատագիրին դէմ իր յաղթանակին, նոր կեանք եւ նոր հորիզոն կերտելու իր ձգտումին: Այսուհետեւ, Վարդիվառ Յովհաննէսեանի եւ իր սերունդի անզուգական տղոց պատմութիւնը միայն զայն կերտողներուն սեփականութիւնը չէ, այլ այդ պատմութիւնը կը պատկանի ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին, համակիրներուն եւ համայն հայութեան, որոնք այսօր այնքա՜ն կարիքը ունին դաշտերու վրայ զիրենք ուրախացնող, խանդավառող եւ հպարտացնող նո՛ր Վարդիվառներու:

 

 

 

Անխոնջ Նուիրեալը Եւ Տիպար Քրիստոնեան (Վարդան Խանճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Պիտի ապրի՛:  Զի թէեւ ըլլամ
անշուք քու որդին,
հաւատքի քար մը ե՛ս ալ
կ՛աւելցնեմ իմ կարգին
Քրիստոսահիմ խարիսխին վրայ,
զոր դարբներ են պապերս,
Որ լոյսդ երբեք չթօշնի, սիւներդ
յաւէտ չփշրի,
Մայրենի՛ իմ տուն, հա՛յ եկեղեցի»

Ժագ Ս. Յակոբեան

Հայ ժողովուրդի ճակատագիրը եւ գոյատեւման ուղին այդքան ալ դիւրին եւ հեզասահ չեն ընթացած: Մեր նախահայրերը իրենց գոյապայքարը շարունակելու, ինքնութիւնը պահելու առումով, հայ ազգի սիւներու կառուցումը, ինչպէս` եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, եւ անոնց շուրջ համախմբումը առաջնահերթ եւ հրամայական նկատած են: Սակայն եկեղեցւոյ հիմնադրութիւնը կը մնայ սոսկ իր քարեղէն պարունակին մէջ, եթէ ան ժողովուրդի կեանքին մէջ չիմաստաւորուի ծառայութեամբ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 2008-ի Ազգային ընդհանուր ժողովին ընթացքին հետեւեալ ձեւով կը բնորոշէ եկեղեցին. «Եկեղեցին ինքնզինք կ՛ըլլայ իր հարազատ էութեամբ` իր պատերէն անդին, ժողովուրդի՛ կեանքին մէջ, իր ծառայութեա՛մբ: Ու մեր ժողովուրդը եկեղեցւոյ ծառայական ներկայութեամբ պէտք է դառնայ եկեղեցի: Այլ խօսքով, քարեղէն եկեղեցին պէտք է ծառայէ հոգեղէն եկեղեցւոյ շինութեան»:

Այս մտածումները եւ մէջբերումը լաւագոյնս կը համընկնի քառասուն օրեր առաջ անակնկալ կերպով կեանքէն հեռացած Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի բազմավաստակ անդամ եւ ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէութեան հաւատաւոր ընկեր Վարդան Խանճեանի անձնդիր եւ ծառայական կեանքին:

Ան ծնած է 1944-ին, Պուրճ Համուտ եւ հասակ նետած` Խանճեան հայաշունչ եւ քրիստոնէական ընտանիքի յարկին տակ: Նախակրթութիւնը ստանալէ ետք Ազգային Նուպարեան վարժարանին մէջ, իր ուսումը շարունակած է Մեսրոպեան վարժարանին մէջ ու նետուած կեանքի ասպարէզ` հօրը արհեստագործարանին մէջ իբրեւ խարատագործ:

Ամուսնացած է 1971-ին, էլիզա Սեմերճեանի հետ եւ բախտաւորուած է երեք զաւակներով` 1 մանչ եւ 2 աղջիկ:

Վարդան Խանճեան իր գաղափարական կեանքը իմաստաւորեց անդամակցելով ՀՅԴ-ի շարքերուն 1964-ին: Աւելի քան 50 տարի ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէութեան հաւատաւոր կուսակցական անդամը դարձաւ: Ան «Գէորգ Չաւուշ» պատանեկան միութեան հիմնադիր վարչութեան մաս կազմած է: Իր համեստ նկարագիրը, բծախնդրութիւնը, ճշդապահութիւնը հասցուցին զինք այլ պաշտօններու. այսպէս, բազմիցս դարձաւ կոմիտէի եւ դատական յանձնախումբի անդամ: Վերջինս կատարեց մինչեւ իր անժամանակ մահը:

Ան իր քրիստոնէական կեանքը զարդարեց  ծառայութեամբ: 1991-ին, երբ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի անդամ դարձաւ, ամենայն զոհողութեամբ եւ նուիրումով փարեցաւ նոր եկեղեցւոյ կառուցման հսկայ ու քաջարի աշխատանքին: Մաս կազմեց եկեղեցւոյ կառուցման յանձնախումբին: Ան Թաղական խորհուրդի անդամ, ապա ատենապետ Յովիկ Պիլեմճեանի  եւ միւս անդամներուն հետ ձեռք ձեռքի, լաւատեսութեամբ ու դժուարութիւնները յաղթահարելով` երազը դարձուցին իրականութիւն, երբ գործնապէս մասնակցեցան եկեղեցւոյ շինարարութեան աշխատանքին, «քար առ քար» նուիրահաւաքին եւ կառուցումը իր աւարտին հասցուցին 2006 թուականին: Այսօր Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին իր ճարտարապետական գեղակերտ կառուցուածքով լիբանանահայ գաղութի պարծանքներէն մին կը հանդիսանայ, իսկ եկեղեցւոյ յուշամատեանին մէջ Վարդան Խանճեանին անունը արձանագրուեցաւ իբրեւ եկեղեցւոյ կառուցման անսակարկ ու նուիրեալ Թաղական խորհուրդի անդամ:

Իրեն համար Թաղական խորհուրդի անդամ դառնալը միայն անուն չէր: Ան կիրակի օրերը մնայուն ներկայութիւն էր եկեղեցւոյ մէջ եւ կը հաւատար, որ քրիստոնեան պէտք է իր ներդրումը ունենայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ:

2007-ին Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանը (այժմ` արքեպիսկոպոս) իր օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրին մէջ հետեւեալը կը վկայէ Վարդան Խանճեանի մասին. « Անցնող տարիներուն, ճիգ չխնայեցիք, որ կարելի եղած փութով աւարտի նորակառոյց եկեղեցւոյ շինարարութիւնը: Որպէս անմիջական հետեւողը եւ հսկողը այդ աշխատանքներուն` կը վկայենք, որ հաւաքական աշխատանքի գիտակցութեամբ, ձեռք ձեռքի տուած, ուրախութեամբ աշխատեցաք: Ձեզի հետ կը բաժնենք հոգեկան այն բաւարարութիւնը, որ կը զգաք` ի տես գեղակերտ եկեղեցիին եւ հաւատացեալներու բերկրանքին»:

2016-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ հռչակուած «Ծառայութեան տարուան» առիթով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը գնահատագիր շնորհեց Վարդան Խանճեանին` լուսարձակի տակ առնելով եկեղեցւոյ մէջ իր բազմամեայ ծառայութիւնն ու նուիրեալ վաստակը:

Արդարեւ, Վարդան Խանճեան անդադրում եւ անշահախնդիր կերպով ծառայեց 1991-էն մինչեւ անակնկալ մահը` իր ետին թողելով լուռ ու խօսուն պատգամ մը` ծառայել Աստուծոյ եւ Հայց. առաքելական Ս. եկեղեցւոյ ամբողջ սրտով, հոգիով եւ անշահախնդրութեամբ:

Ան բուռն ընթերցասէր էր: Ամէնօրեայ դրութեամբ ծայրէ ծայր կը կարդար «Ազդակ» օրաթերթը եւ երբեմն ալ` ուրիշ օրաթերթեր: Հայրենիքի անկախութիւնն ու բարգաւաճումը կ՛ոգեւորէին զինք: Վարդան Խանճեան Հայաստան այցելութեամբ յագեցուց իր սէրը` այս ձեւով  անկախացած հայրենիքի իր տեսլականը իրականացած տեսնելով:

Իր կազմած ընտանեկան բոյնը բուրեց հայկականութեամբ եւ ազգասիրութեամբ: Որպէս տիպար հայր եւ ամուսին` իր կնոջ` տիկին Էլիզին հետ նուիրուեցաւ զաւակներուն դաստիարակութեան աշխատանքին: Բախտաւորուեցաւ թոռներով, որոնք իրեն մեծ ուրախութիւն պատճառեցին: Սիրուեցաւ ու յարգուեցաւ իր շրջապատէն` շնորհիւ իր բարեմասնութիւններուն, ինչպէս` լաւատեսութիւն, ծառայութիւն, ճշմարտախօսութիւն, ճշդապահութիւն, գործին հանդէպ հաւատք, եկեղեցասիրութիւն:

Վարդան Խանճեանի անժամանակ կորուստով կը սգան այսօր ոչ միայն իր ընտանիքն ու հարազատները, այլ նաեւ` ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէութիւնը եւ Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը:

Սիրելի՛ պրն. Վարդան, մահուանդ քառասունքին առիթով այս վկայութիւնը թող անուշ խունկ ու մշտական աղօթք դառնայ շիրիմիդ վրայ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

 

 

Viewing all 12135 articles
Browse latest View live