Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12115 articles
Browse latest View live

Բարի Հայրիկ

$
0
0

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

– Հայրի՛կ, ժողովի պիտի երթա՞ս:

Ինծի համար այդքան ալ սովորական չէր, որ դուստր մը իր հօրը դիմէ «հայրի՛կ»-ով, որովհետեւ մեր միջավայրին մէջ աւելի սովորական է «պապա»-ն, սակայն ժամանակի թաւալումին հետ «հայրիկ» անունը որքան նոյնացաւ քեզի` Վարդան Խանճեան:

Իսկական հայրիկ էիր, քեզի այլ ձեւով դիմել կարելի չէր, քեզի օտարութիւն բուրող «պապա» անուանումը պիտի չվայլէր բնաւ, որովհետեւ դուն հայ էիր ամէն ինչով` սիրտով, միտքով, հոգիով ու խիղճով: Հայրիկ էիր քու զաւակներուն, հայրիկ էիր երկար տարիներ ՀՅԴ ակումբներուն մէջ քեզի հետ աշխատածներուն, հայրիկ էիր Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ երդիքին տակ ծառայածներուն, որոնք փոխուեցան ժամանակի ընթացքին, մեկնեցան հիները, եկան նորերը, սակայն դուն գուրգուրոտ, խորհրդատու եւ սիրով լեցուն մնացիր բոլորին նկատմամբ:

Շատեր եկան ու անցան ՀՅԴ ակումբներէն, բազում անձեր իր կամարներուն տակ առաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին, ոմանք հեռացան, ուրիշներ շեղեցան, այլոք տարբեր հետաքրքրութեան բերումով ու զանազան պատճառներով իրենց ժամանակը զլացան ակումբին եւ եկեղեցւոյ, սակայն դուն մնացիր հաստատ ու հաւատքով լի` զոյգ կառոյցներուն մէջ մնալն ու գործելը սրբազան պարտք նկատելով:

Դաշնակցական որեւէ հանդիպումի, ժողովի, հաւաքի կամ տարբեր բնոյթի համախմբումի դուն ներկայ եղար միշտ, նոյնիսկ` ճշդուած ժամէն շատ կանուխ. Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին դժուար թէ յիշէ կիրակի մը, երբ դուն իր դարպասներու սեմէն հեռու ըլլայիր, հաւատացեալներուն համար եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր բաղադրիչի նման` դուն մնայուն ներկայութիւն էիր մուտքին աջ կողմը, լուրջ դէմքով, մեղմ ժպիտով, միշտ պարտականութիւն մը կատարելու ընթացքի մէջ: Դժուար է գտնել քեզի նման անձեր, որոնք իրենց կեանքին աւելի քան կէսը նուիրած ըլլան ակումբին եւ եկեղեցիին, համարեա՛ անկարելի է հանդիպիլ քեզի պէս անհատներու, որոնք արհամարհելով ամէն դժուարութիւն, անձնական ամէն հաշիւ, երբեմն անհատներու կողմէ դրսեւորուած անտեղի արտայայտութիւններ ու կեցուածքներ` շարունակեն կառչած մնալ ակումբին եւ եկեղեցւոյ, շարունակեն կանգնիլ պատնէշի վրայ, նոյնիսկ երբ փոթորիկները այդքան ալ մեղմ չըլլան, շարունակեն աշխատիլ, ներել, տքնիլ ու նուիրուիլ` յօգուտ հաւաքական շահերուն, ի սէր եկեղեցւոյ բարօրութեան եւ ակումբին ամրութեան ու հզօրութեան: Եւ այս բոլորը` սրտի ամենայն գոհունակութեամբ, առանց ոեւէ մէկէ թելադրութիւն սպասելու, առանց տրտունջքի կամ յոխորտանքի…

Քեզի համար ամէն ինչ երկրորդական եւ երրորդական էր, երբ Դաշնակցութեան կոչը ուղղուած էր, երբ քրիստոնէական հաւատքը նժարի վրայ դրուած էր, երբ ազգային հաւաքական իղձերն ու երազները հրամայական էին:

Իսկ քու այս պարտաճանաչութիւնդ ու նուիրումդ լռելեայն կը փորձէիր վարակիչ դարձնել շրջապատիդ, քու կեցուածքներով օրինակ կը հանդիսանայիր երիտասարդներուն, նաեւ` մեզի: Երբեմն կատակով եւ զարմանքով կը խօսէինք քու բացարձակ պարտաճանաչութեանդ մասին, կը դժգոհէինք, որ քեզի ընկերակցելով` մենք ալ տարբեր ժողովներու կամ հաւաքներու առաջին հասնողները եւ երկար ատեն ուրիշները սպասողները ըլլայինք, բայց դուն գիտէիր, որ ա՛յդ է ճիշդը, ատոր արժանի է Դաշնակցութիւնը, յարգանքի ու պատասխանատուութեան կոչուած է իւրաքանչիւր երդում տուած անձ:

Տակաւին կայ աւելին. դուն այն սակաւաթիւ անձերէն էիր, որ կը հաւատար գրիչի ուժին, կը յարգէր մամուլին ու ձայնասփիւռին ծառայողները, կը հետեւէր անոնց ամենայն բծախնդրութեամբ` միշտ դրականը տեսնելով, լաւին մասին խօսելով, քաջալերելով եւ մղիչ ուժ հանդիսանալով:

Սիրելի՛ ընկեր Վարդան (ինծի համար նաեւ հօրեղբօր համազօր),

Կանուխ էր տակաւին, շուտ բաժնուեցար մեզմէ, քու կենցաղէդ շատ բան ունէին սորվելիք նոր սերունդներ, փոթորիկները երբեք չյաջողեցան ընկճել քեզ, սակայն այս անգամուան հովը արդէն մարեց մոմդ` լուսաւոր դէմք մը առյաւէտ հեռացնելով մեր շրջապատէն:

Դժուար է ընդունիլ, որ այլեւս հոս կամ հոն պիտի չհանդիպիմ քեզի, դժուար է մտածել, որ այս անգամ (միակ անգամն ըլլալով) պիտի չկարդաս գրածս եւ առաջին առիթի քու կարծիքդ պիտի չյայտնես ինծի` գոհունակութիւնդ ու ինձմով ուրախ ըլլալու անկեղծութիւնդ դրսեւորելով, դժուար է գիտակցիլ, որ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ քեզ կարելի պիտի չըլլայ գտնել այլեւս…

Թաղմանդ օրը, երբ արցունքով խեղդուած մեր կոկորդներէն կը բարձրանային «դարձայ զինուոր գաղափարի» եւ «ահա հանգիստ հող կը մտնեմ, յոյսս դուք էք ընկերներ» տողերը, նայեցայ երկինք ու խնդրեցի Բարձրեալէն, որ ուժն ու գիտակցութիւնը տայ մեզի` քեզի պէս գաղափարի նուիրեալ զինուորին ուղին շարունակելու եւ երբեք քեզ յուսախաբ չընելու:

Առյաւէտ բաժանումը դժուար է, սակայն կը դիւրանայ, երբ քու իղձերուդ, հաւատամքներուդ եւ գաղափարներուդ շարունակողը փորձենք ըլլալ եւ քեզի պէս ծառայենք` առանց յուսահատելու, առանց երկար մտածելու, առանց հաշիւի ու տատամսումի, պարզապէս` ծառայել նուիրական ու անշահախնդիր կերպով:

Պիտի կարօտնանք, սակայն երբեք պիտի չմոռնանք քեզ, բարի՛ հայրիկ:

 

 


Բաց Նամակ` Առ Որ Անկ Է. Գաղափարը` ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրն Է «Կաղապարը»` ՀՅ Դաշնակցութեան Կանոնագիրն Է Նուիրումը` Ազգին Է Կեանքը` Հայրենիքին Է

$
0
0

ԱՅԲՈՒԲԷՆ

Այսպէս երդում կու տան բոլոր ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐԸ եւ բոլոր ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐԸ կը հաւատան այդ երդումին:

Դաշնակցական մարմիններ կամ անհատներ երբեմն յուսախաբ կ՛ընեն, բայց ո՛չ Դաշնակցութիւնը: Դաշնակցականներ սխալեցան, թերացան, բայց ո՛չ Դաշնակցութիւնը:

Դաշնակցականներ թերացան, պատժուեցան եւ… նեղացան: Բայց… ինչո՞ւ նեղացան, արդեօ՞ք որովհետեւ շա՜տ կը սիրէին Դաշնակցութիւնը: Եւ կամ արդեօ՞ք շա՜տ կարեւոր էր իրենց համար Դաշնակցական ըլլալը: Թերե՞ւս իրենց ինքնութիւնն էր, իրենց վարկը, եւ երբ հեռացան Դաշնակցութենէն, կորսնցուցին իրենց ինքնութիւնն ու վարկը:

Թերեւս իրենց ուժն էր Դաշնակցութիւնը, եւ երբ հեռացան, տկար զգացին:

Թերեւս իրենց ապրումն էր Դաշնակցութիւնը, եւ երբ հեռացան…

Հեռացաք կամ հեռացուեցաք, այսինքն` այլեւս դաշնակցական չէք, ուրեմն ինչո՞ւ այդքան մտահոգ էք Դաշնակցութեամբ:

Ինչո՞ւ Դաշնակցութիւնը սրբագրելու, անոր «տաճարը» մաքրելու գործը ձեր վրայ կ՛առնէք:

Ինչո՞ւ մտահոգուիլ: Դաշնակցութիւնը ովկիանոս մըն է, որ եթէ նոյնիսկ աղտոտի, փա՛ռք «բնութեան», կարողութիւնը ունի ինքզինք մաքրելու:

Մտահոգուիլը դեռ ոչինչ… հապա՞ դաւաճանել անոր… ազատ էք, կրնաք ուրիշ կուսակցութեան մը անդամագրուիլ եւ գործել (ինչպէս կարգ մը նախկին դաշնակցականներ ըրած են) եւ հագնիլ այդ կուսակցութեան պատկանելիութեան պատմուճանը: Նոյնիսկ կրնաք «արժէք» դառնալ նորին մէջ. «արժէք», որ կը ստանաք, որովհետեւ նախկին դաշնակցական էիք, այլապէս ձեզ իր մէջ ընդունող կուսակցութիւնը պէտք է մտահոգուի, որովհետեւ օր մը իր պատմուճանն ալ կը հանէք:

Կրնաք նոր կուսակցութիւններ հիմնել, ինչպէս ձեզմէ առաջ շատեր փորձեցին, բայց չյաջողեցան… որովհետեւ փորձեցին Դաշնակցութեան անունը շահագործել կամ անկէ հեռացուածներու վրայ դնել յաջողութեան գրաւը:

Կրնաք ոխ ունենալ դաշնակցականներու դէմ, բայց չէք կրնար ձեր ոխը առնել Դաշնակցութենէն: Ցարական Ռուսիան «թաղեց» Դաշնակցութիւնը, այսօր ինքը թաղուած է, եւ ո՜վ հրաշք` Դաշնակցութիւնը կ՛ապրի եւ կը գոյատեւէ:

Եթէ իսկապէս շատ նեղացած էք Դաշնակցութենէն հեռանալով կամ հեռացուելով, դարձեալ քննեցէ՛ք ձեր խիղճը եւ գիտակցութիւնը, մեղայի եկէ՛ք, եւ այն ատեն ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ դռները թերեւս բացուին ձեր դիմաց:

23 մայիս 2018

Հայաստանի Ա. Անկախութեան Տօնին 100-Ամեակին Նուիրուած` Մենք Ու Մեր Վկաները

$
0
0

ՏԻՐՈՒԿ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ-ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Հազարամեակներու խորքէն եկած հայ ազգը
իր փառապանծ յաղթանակներով կը սնանի

Ա.

Մենք հիւրասէր ենք,
վկան`Վանատուրն
Ու գինի դարձած
Խաղողն օրհնուած,
Որ յար կը խմուի
Պապերուս կենաց:
Սեղաննիս առատ
Լաւաշ, հաց ու կաթ,
Մեղր, կարագ` պարարտ,
Մածունն` անաղարտ,
Պանիրն` անարատ,
Միրգը` անապակ,
Չիրը` մեղրակաթ…
Մեր ածուներու
Լի բերքով սնած
Օտարներն վկայ:

Բ.

Մենք մի՛շտ ծաղկուն ենք`
Աստղիկը վկայ…
Ու Վարդավառի
Խանդավառութեամբ
Նոր սէր խոստացող,
Համբոյր դրոշմող,
Վարդեր պարգեւող
Ջուրերը վկայ:
Յաւերժ գեղանի
Մայր Ծովինարի
Ահե՛ղ ծուռերուն
Սասունը վկայ:
Մշոյ դաշտերուն
Մշուշով պատուած
Արածանիին
Ալքերը վկայ:

 Գ.

Մենք գրասէր ենք`
Լոյս Տիրը վկայ,
Ու Երազամոյն
Տաճարը վկայ…
Ունինք Ոսկեդար,
Ճգնող գրիչներ,
Որ նուիրեցին
Անգին մատեաններ…
Ու մենք` վառ, անմար
Դպրութեան ճրագ
Եղանք դարերո՜վ…
Մաշտոցէ՜ն Սեւակ,
Շիրազէն Զահրատ`
Մինչ օրս ծաղկող
Գրականութեան
Դաշտերը վկայ:

Դ.

Մենք ժիր մայրեր ենք`
Վկան` Անահիտն
Ու արգասիքը
Բերրի Մայր հողիդ:
Լոյս Նաւասարդեան
Յաղթանակներով
Դաբնեպսակուած
Վէս արքաներուն,
Խոհեմ մայրերուն
Կեցուածքը վկայ,
Ու Մայր Արաքսի
Զուլալ ջուրերով
Սնած ու մեծցած
Հայ Սօսէներուն,
Աւրորաներուն
Վե՛հ գործը վկայ:

Ե.

Մենք լուսատու ենք`
Դից Միհրը վկայ…
Խուռներամ, խայծկեր
Ու խանդոտ ազգեր
Որքա՜ն փորձեն մեզ
Խաւարով պատել,
Ազգս հանճարեղ
Կը մնայ յաւէտ
Խոհեմ, լուսահեղձ,
Լուսեղ, լուսաւէտ…
Ու կը պլպլա՜յ
Եւ կը շողշողա՜յ
Լոյսն Աստուածատուր
Մեր գլխուն վրայ…

Զ.

Մենք հերոսներ ենք`
Վահա՛գնը վկայ:
Անցան շա՜տ դարեր`
Անզուսպ վիշապներ
Բացին երախներ`
Շարժեցին թուրեր,
Իսկ մենք անվեհեր,
Ահռելի քաջեր`
Երկրէն վանեցինք
Դեւն ամենակեր…
Մայի՛սը վկայ,
Սարդարապատի
Պատերը վկայ,
Ու Ազատ, Անկախ
Մեր հայրենիքին
Դրօշը վկայ:

Է.

Մենք իմաստուն ենք`
Մայր Նանէն վկայ…
Եւ հնարագէտ
Տանտիկիններուն`
Մեր տան սիւներուն
Վե՛հ դիրքը վկայ…
Եռաբլուրի
Հողին տակ ննջող
Մեր հերոսներու
Հզօր մայրերուն
Ու մեծ մայրերուն
Միշտ արգասաբեր,
Յաւերժ պտղաբեր,
Բիւրեղ ու շքեղ
Արգանդը վկայ:

Ը.

Մենք կտրիճներ ենք,
Վկան` Արամազդն
Ու շանթահարուած
Գազանը` սատկած:
Մե՛նք տապալեցինք
Գայլը յօշոտող
Եւ անոր գլխուն
Կրակ թափեցինք…
Տե՛ս, դարձանք բռունցք`
Միակամ ուժով
Ճիւաղն այրցինք:
Մեր պապենական
Անգին հողերը
Ամուր գրկեցինք…
Քաջ Շուշին վկայ,
Արցախը վկայ:

Թ.

Մեր վկաները
Մե՛նք ենք ու մե՛նք ենք:
Մենք` Վանատուրն ենք
Ու Անահիտը.
Մենք` Արամազդն ենք,
Միհրն ու Աստղիկը.
Մենք ժիր Վահագն ենք
Եւ ճրագ Տիրը:
Մենք` մէ՛կ բռունցք ենք`
Մեր կամքին տէրը…
Մենք` հայորդիքն ենք
Արցախին տէրը…
Եւ… ճամբայ կ՛ելլենք,
Վկան մեր Տէրը`
Տուն կը դարձնենք
Մեր Մասիս լեռը:

 

 

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-Ամեակին Առիթով. Սարդարապատ, Ուրկէ Ծագեցաւ Մեր Վարդահեղեղ Արշալոյսը

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այդ օրերուն ալ մայիս էր եւ հայոց աշխարհէն ներս կռիւ կար: Կռիւ` կենաց ու մահու: Ու ոչ միայն կռիւ, այլ մշտապէս մաքառում, պայքար, յանուն մարդկային սրբազան իտէալին, որ կը կոչուի ազատութիւն, որովհետեւ հայը իր ծնունդէն ի վեր լիովին ըմբռնած էր իմաստը ի՛ր արեան եւ ի՛ր անկախութեան:

Ըսի՛ կար մահ, եւ ժամանակները չար էին եւ հայոց երկինքին արեւը փոխուած էր: Մթագնած: Այդ օրերուն էր, որ մեր ցեղին դիմաց ցցուած էին վճռական պահեր: Սոսկում ազդող եւ մահացու:

Այս բոլորը ամէն բանէ առաջ մեզի մտածել կու տան, թէ ո՞վ է այս հայը, որ սովորական անհատ մը ըլլալով հանդերձ, է՛ նաեւ իր իսկ իւրայատուկ նկարագիրով արտասովոր ներկայութիւն մը, այս երկրագունդին վրայ:

Հայը ո՞վ է, յաճախ ես ինծի ալ հարց կու տամ շուարած: Ու իբրեւ պատասխան ես ինծի պիտի ըսեմ, ոեւէ անհատ, նոյնիսկ երբ պարզապէս կ՛էջադրէ մեր պատմութիւնը, պիտի հաստատէ, որ հայ ըլլալը թէեւ բարդ է,  սակայն հայ մնալը` առաւել դժուար:

Այլ խօսքով` հայ ըլլալը հերոսական բան է: Ճակատագիր է եւ դարերէն հասնող հրամայական պատգամ:

Հայը պայքարող է: Անցեալ մը ունի տառապանքով լի եւ սակայն յաւերժութեան հետ խառնուած: Ազատ եւ անկախ հայրենիքի սէրը իրեն համար միայն հայրենասիրութիւն չէ, այլ նաեւ ազգային արժանապատուութիւն:

Ազատ եւ անկախ հայրենիքի մը տէրը դառնալը իր դարաւոր երազը եղած է միշտ: Հայկ նահապետէն ժառանգած է այսպէս ազատ ապրելու եւ հայրենիքը պաշտպանելու իր այս անկրկնելի նկարագիրը:

Հայը այն անհատն է, որ կեանքէն սորված է տառապանքի լեզուն եւ որ իրեն համար հայրենի հողն ու մայրենի լեզուն վերապրումի գործիքներ են:

Հայը միշտ արարող ու կառուցող եղած է եւ  յաճախ իր կեանքին գնով ստիպուած եղած է ամէն անգամ պաշտպանելու իր ստեղծածը:

Ան նաեւ եղած է յամառ, սակայն` հայրենասէր: Ազգասէր, եւ նոյնքան ալ` անհաշտ: Իր մէջ վառ մնացած է սրբազան խորհուրդի մը անմահութիւնը:

Խաղաղասէր քրիստոնեայ ըլլալով` ան եղած է նաեւ ստեղծարար մշակ, բայց երբ դանակը ոսկորին հասած է, հերոսամարտերու դիմած է եւ հերոսամարտեր արձանագրած` իր պատմութեան էջերուն մէջ:

Դարերու ընթացքին ամէն տեսակի նենգ, վայրագ եւ թշնամի տեսած է: Տեսած է շատ ու շատ վայրի ցեղեր, ո՞ր մէկը կարելի է յիշել եւ ուրկէ՞ սկսիլ:

Այսպէս` տակաւին հռոմէացիներ, սելճուքներ, պարսիկներ, մոնկոլ-թաթարներ, արաբներ, քիւրտեր, թուրքեր, եւ ներկայիս ալ` ազրպէյճանցիներ: Այս բոլորին ոտնձգութիւններուն դէմ կռուած է իր ազգային պատուով:

Հայուն մէջ տեսանելի են իր անդիմադրելի ձգտումն ու ներքին հպարտանքի ներուժը: Որովհետեւ հայը միշտ սիրած է եւ կը սիրէ իր երկիրը, նաեւ կը պաշտէ իր հայրենի հողը: Իր կռիւը եղած է բազմաճակատ: Կռուած է իր բոլոր թշնամիներուն դէմ: Շահին, սուլթանին եւ ցարին:

Կոտորածներուն ամէնէն ահռելին ու անմարդկայինը տեսած է եւ սակայն չէ յուսահատած: Եթէ խաղաղութիւն ուզած է` անոր տիրացած է միայն զէնքով:  Մէկ խօսքով` ինք հրացանէն դուրս ձգուած աննպատակ գնդակ մը չէ եղած, երբե՛ք:

Այս է իմ եւ մեր գիտցած հայը:

Բարի, ազատասէր, յաճախ անմիաբան, սակայն միշտ ըմբոստ:

Ու 20-րդ դարու սկիզբն էր, երբ իր յաղթական բազուկով կրցաւ հայրենի հողին վրայ վերահաստատել իր ազգային պետականութիւնը, Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ յատկապէս Սարդարապատի ճակատամարտերով, որոնց յաղթանակին շնորհիւ կառուցեց իր անկախ պետութիւնը:

Ահա հայու ոգիի յաղթանակը:

Պէտք է շեշտել, որ իր ամբողջ գոյութեան ընթացքին, իր երազանքին կողքին, ան միշտ իրեն ուղեկից ունեցած է անկախութեան եւ անկախ պետականութեան մը ստեղծումի գաղափարը` իր հայրենի հողին վրայ:

Համազգային երազանք ե՛ւ տեսլական, ե՛ւ ազգային ձգտում:

Ու Մայիս 28-ի անկախութեան ստեղծումը նոյն այդ դանակին` հայուն ոսկորին հասած ըլլալուն հարազատ արդիւնքն էր: Վկայ` Սարդարապատի հերոսամարտը, ուր կար օրհասական պահ եւ ազգովին բռունցք դարձած մարտնչում:

Ըսի՛ Սարդարապատ: Նաեւ պէտք է աւելցնէի, որ հոնկէ ծագած է հայոց ազատութեան եւ անկախութեան վարդահեղեղ արշալոյսը:

Հպարտութեամբ նշեցի այս անունը:

Ասիկա այն դաշտն է, ուր համաձայն իր դարաւոր ոսոխին, ամէն բան պիտի վերջանար:

Վերջապէս պատմական Ճակատամարտ մը, որուն պարտութեամբ նաեւ վերջ պիտի գտնէր ազնուագոյն ժողովուրդի մը մայրենի լեզուն եւ պապենական հողը:

Մէկ խօսքով` փառայհեղ քաղաքակրթութիւն մը:

Բայց այստե՛ղ, այս հրաշք յաղթանակով, ի զարմանս աշխարհի, ամէն բան նոր սկսաւ:

Ու թուրքը այդ օրերուն լաւ գիտէր, որ իր օգտին էր ժամանակը:

Բայց չարաչար սխալած էր, որովհետեւ հաշուի չէր առած հայ ժողովուրդի գաղտնիքն ու ոգին:

Այն  իւրայատուկ ոգին, որ թաքնուած էր մեր ժողովուրդի բազուկներուն մէջ:

Մեր թշնամին նոյնիսկ չէր սերտած այս բուռ մը ժողովուրդին պատմութիւնը, որ նոյնիսկ օրհասական պահուն կրնար դառնալ բռունցք:

Որովհետեւ այս մարտնչող ժողովուրդը յարութիւն առնել գիտէր:

Անոր համար է, որ մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ճակատամարտերէն է Սարդարապատի հերոսամարտը:

Ժողովրդական հերոսամարտ մը, որուն յաղթանակը կը պարտի իր  ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն անխտիր:

Սարդարապատ` 20-րդ դարու մեր նոր Աւարայրը: Ըսած են: Անուանած են: Դասած են հպարտօրէն եւ արդարօրէն:

Եւ եթէ 451-ի Աւարայրը պատերազմ էր յանուն հաւատքի, 1918-ի Սարդարապատը պատերազմ էր յանուն կեանքի` ընդդէմ մահուան: Ու հայ ժողովուրդի մահը պարտուեցաւ, իսկ իր կեանքը` յաղթեց:

Այլ խօսքով, իր մէջ չկար մահը եւ ոչ ալ կործանարար յուսահատութիւնը: Կար միայն աստուածայինը: Թռիչք: Ուժ: Կորով:

Հրաշքի նման էր այդ յաղթանակը: Բայց հրաշք չկար: Կար հայ ժողովուրդի զաւակ-ներուն հոգիներուն մէջ պահուած ոգիի մէկ հրաշալի աննախադէպ բռնկումը:

Կար այն մեծ եւ յստակ ճշմարտութիւնը, որ եթէ ժողովուրդի ոգին բռնկի, կը շիկանայ, կը կարմրի եւ կը դառնայ անպարտելի:

Ըսի, Սարդարապատէն սկսաւ ամէն ինչ, երբ կը կարծուէր, որ ամէն ինչ վերջ պիտի գտնէր: Ու հայը` իբրեւ աշխարհի հնագոյն ժողովուրդներէն մէկը, հիմը դրաւ իր պետա-

կանութեան, աշխարհի ազնուագոյն լեզուներէն մէկը դարձաւ պետական:

Ու ամէն առիթի կրկնած ենք, որ Սարդարապատը պարզ ճակատամարտ մը չէր, այլ դաս: Իսկ ուսուցիչները` այն աննման կերտիչները` Արամ Մանուկեան, զօրավարներ` Սիլիկեան, Դրօ եւ շատ շատեր:

Դաս ըսի: Եթէ կ՛ուզէք դասագիրք ալ է ու ոգեղէն մատեան: Ապրելու եւ մանաւանդ գոյատեւելու համար, պարտաւոր ենք լաւապէս սերտել այս մատեանին իւրաքանչիւր էջն ու տողը, բառն ու գիրը: Հոն կը տիրէր անսպառ վերակենդանութեան շունչը:

Սարդարապատ, որուն յաղթանակով կերտուեցաւ անկախ Հայաստան մը, եւ որուն տեսքով գեղեցկացան իւրաքանչիւր հայու աչքերն ու միտքը:

Հոս է, որ ոսկիէ գիրերով գրուած է, թէ երկրին  անկախութիւնը ձեռք ձգելու համար իր զաւակները պէտք էր, որ արիւն թափէին:

Պէտք էր, որ ըլլային միահամուռ եւ միակամ, յարգը գիտնային հայրենի երկրին ու անոր ազատութեան:

Մեր ժողովուրդի պատմական ուղին կ՛ապացուցէ, որ եթէ չունենայինք Սարդարապատի յաղթանակը, հաստատօրէն պիտի չունենայինք այսօրուան Հայաստանը: Ու որքան դժբախտ եւ անմխիթար պիտի ըլլայինք ու մնայինք ,եթէ չըլլար այդ յաղթանակը, ու եթէ չըլլար անոր ընկերացող ազատատենչ հայու հոգին:

Նաեւ նոյն այդ ուղին կը հաստատէ, որ իբրեւ ազատատենչ ժողովուրդ, մենք արժանի ենք այսօր ալ ունենալու մեր անկախ եւ ազատ երկիրը` իր հզօր բանակով:

Ուստի եւ յատկապէս Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի նշումի այս օրերուն, մեզի կը մնայ շէնցնել մեր հայրենիքը, զայն դարձնել այն հրաշք դրախտավայրը, որուն տենչացած էին մեր պապերը, եւ զօրավիգ կանգնիլ անոր բարգաւաճման ի խնդիր տարուած բոլոր ճիգերուն եւ աշխատանքներուն:

Եւ ահա, այս օրերուն` 28 Մայիս 1918-ի  յիշատակումը: Հպարտանք: Միայն օրինակելի հպարտանք: Հզօր եւ ազատ հայութեան մարտնչումի հարազատ արդիւնք:

Հայութիւն, որուն մէջ թաքնուած է վեհութեան եւ յաւերժութեան խորհուրդը:

Ասիկա մեր անլեզու հողին հրաշքն է, եթէ կ՛ուզէ՛ք:

Ու երանի անոնց, որոնք մայիսեան արշալոյսի ցօղն ու բուրմունքը համբուրելու շրթունք ունեցան:

Երանի անոնց, որոնք հայու յաւիտենականութեան հպարտութիւնը պաշտպանեցին ու երգեցին յաղթանակի երգը եւ աշխարհին աւետեցին ազատ եւ անկախ Հայաստանի մը խապրիկը` իր եռագոյնով եւ իր վարդագոյն Երեւանով:

Արդ, Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակդ շնորհաւոր, բոլոր հայերուն միակ հայրենիք` Հայաստա՛ն, դուն մեր երկիր դրախտավայր:

 

 

 

Վերականգնենք Առաջին Հանրապետութեան Ընկերային Արդարութեան Արժէքները

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Այսօր, երբ կը նշենք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը, մեր հայրենիքը կը դիմագրաւէ այնպիսի դժուար կացութիւն մը, որ կը դիմագրաւէր 100 տարի առաջ: Հայրենիքը քաղաքական-կառավարական առումով անցումային շրջան մը կ՛ապրի, դրացի պետութիւններուն կողմէ առեւտրական գետնի վրայ շրջափակուած է, փոքրամասնութիւն կազմող առանձնաշնորհեալ դասակարգ մը կայ (սակաւապետութիւնը), որ երկրի հարստութիւնները կը դիզէ, հարստահարող դասակարգը ունի պետական լծակներ, որոնց ընդմէջէն կը փորձէ իր դիրքերը պահել` փարելով աթոռին մինչեւ վերջին շունչ, պատեհապաշտ սակաւապետները կը փորձեն յարմարիլ եւ մաս կազմել նոր համակարգին, որպէսզի իրենց առանձնաշնորհումները գոյատեւեն:

Ի՜նչ զուգադիպութիւն, պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք եւ այս անգամ նոր, բայց նոյն ատեն հին դէմքերով, խմբաւորումներով եւ դասակարգով: Անոր համար ալ պէտք է յիշենք ու ըմբռնենք Ա. հանրապետութեան ընկերային եւ տնտեսական արդարութեամբ ամրապնդուած արժէքները, ձեռքբերումներն ու յաջող փորձերը, որոնք կը միտէին դուրս բերել հայրենիքը սովէն,աղքատութիւնէն եւ չարաչար տառապանքներէն: Դիւրին ժամանակաշրջան մը չէին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 2 տարիները(1918-1920), այդտեղ ընկերային-տնտեսական մարզին մէջ կը տիրապետէին հողատէրերը, կալուածատէրերն ու գործատէրերը, որոնք խոչընդոտ կը դառնային հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական անիւի յառաջխաղացքին: Անոնք կը ծծէին աշխատաւորին եւ գիւղացիին արիւնը, վերջիններս գիշեր ու ցերեկ կ՛աշխատէին իրենց օրուան հացը վաստկելու համար: Ա. հանրապետութեան իշխող կուսակցութիւնը (Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը), ներշնչուած ըլլալով ռուսական Փետրուարեան յեղափոխութեան (1917) ընկերային եւ տնտեսական ազատագրութեան գաղափարներէն, իր բոլոր ուժերուն կարելիութեամբ կը փորձէ իրականացնել այդ գաղափարները պետական մակարդակի վրայ: Ջնջելու համար աւատական համակարգը եւ անոր հետ կապուած դասակարգերու առանձնաշնորհումները` ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովը (1919) հետեւեալ բանաձեւումով կարեւոր որոշում մը կ՛որդեգրէ. «Ամենավճռական միջոցներով պայքար մղել Հայաստանի բոլոր ժողովուրդների մէջ տիրող դասակարգի դէմ` պուրժուա, բէկ, աղա, կուլակներ»: Այսօր այս որոշումը տակաւին արդիական կը թուի, քանի Հայաստանի մէջ կը տիրէ այնպիսի դրութիւն մը, ուր ընկերային անհաւասարութիւնը եւ դասակարգային անհամաչափութիւնը թափ ստացած են: Հոն դարձեալ կայ իշխող դասակարգ, պուրժուաներու, բէկերու,աղաներու եւ կուլակներու դերը առած են սակաւապետները, իսկ հողատէրերը, կալուածատէրերն ու գործատէրերը ներկայացուած են սակաւապետութեան եւ մենաշնորհի հասկացողութիւններով: Ներկայիս պէտք է պետական մակարդակով հակամենաշնորհային պայքար մղուի` վերացնելու Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր մենաշնորհները, զօրացնելու պետական հսկողութիւնը, բարձր հարկեր ճշդելու մեծ ընկերութիւններուն ու դրամատուներուն նկատմամբ, աշխատավարձերու ու թոշակներու բարձրացում կատարելու եւ աշխատաւորները կազմակերպելու արհեստակցական միութիւններուն մէջ: Ժողովրդային ցոյցերու ընկերային-տնտեսական պահանջները լսելով եւ արդար լուծումներ գտնելով անոնց, օրինակ առնելով Ա. հանրապետութեան ընթացքին աշխատաւոր հանրութեան մատուցուած կարելիութիւններէն, իրականացուցած կ՛ըլլանք Քաջազնունիի, Խատիսեանի, Օհանջանեանի եւ Վրացեանի տեսլականը` արդար հայրենիք մը կերտելու առումով:

 

 

Յուշեր Սարդարապատի Հերոսամարտին Մասնակցած Յիսնապետ Կավռոշի Մասին

$
0
0

ՄԱՆԻԱ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Կավռոշը` Խաչիկ Սարգիս Գազանճեանը ծնած է Երզնկա, 1890-ին, մահացած է դամասկոս, 1973-ին: Դամասկոսի մէջ ո՞վ չէ լսած Կավռոշի մասին:

Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ դարերէ ի վեր գործող Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ, միշտ դուռը բաց, անցնող դարձողին սիրտը բացող ու համայն դամասկահայութեան ծանօթ Անդրանիկ Գազանճեանը հպարտութեամբ իր հերոս հօր` Կավռոշի յուշերով ոգեւորուած կը պատմէ:

«Եթէ ապրիլ կ՛ուզես, դուն քեզ ազատ զգայ, մի՛ վախնար, զա՛րկ, Արարատն է հայոց ուժը, զա՛րկ, միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն հայրս մեզ այսպէս կը դաստիարակէր», կ՛ըսէ պարոն Անդրանիկը` պատմելով 20-րդ դարի սկիզբի մասին:

Երզնկայի շուկային մէջ նշանաւոր վարպետ պղնձագործ-ձուլագործ Սարգիսն ու իր ընկերները, որոնց միաւորուած էր ՀՅԴ գաղափարախօսութեան սկզբունքները, գիտակցելով իրավիճակի լրջութիւնը, գաղտնօրէն Սարգիսի տան մէջ սկսան ռազմամթերք պատրաստել, փամփուշտներ, հրացաններու նորոգում եւ այլն:

Այս ճանապարհի վրայ ալ, Ծաղկազարդի օրօք, անոնք որոշեցին այս անգամ ռումբ պատրաստել. ընտանիքի բոլոր անդամները եկեղեցի ղրկելով, Սարգիսը իր ընկերներով` Տիգրանի եւ Գարեգինի հետ անցաւ գործի, սակայն չարիքը իր ձեռքին գործը ըրաւ` ռումբը պայթեցաւ ու Երզնկայի Սուրմանեան թաղի Գազանճեան ընտանիքի տունը կրակներու մէջ ինկած` աւերակ դարձաւ եւ հայրենիքի համար սիրտերնին այրած տղաքը զոհուեցան: Ամբողջ Երզնկան ցնցուեցաւ ոչ միայն ռումբի ազդեցութիւնէն, այլ` ազգանուէր տղոց անկատար մնացած գործի ոխէն:

Սարգիս Գազանճեանի հետքերով շարունակեց իր տղան` Խաչիկը եւ անցաւ զօրավար Անդրանիկի զինեալ շարքերը` ի սէր ազգին ու հայրինիքին պետք չէ կեանք ու արիւն խնայել սկզբունքով առաջնորդուած:

«Կեանք չկայ առանց հայոց հայրինիքի, հայն երբեք տկարութիւն չի ճանչնար, պիտի չմոռնանք Տէր Զօրը: Ծովէ ծով հայոց երկիր մայր Հայաստանի համար` «Մահ կամ ազատութիւն», կ՛ըսէր Խաչիկը:

Երզնկացի կամաւորին պատմութիւնը սկսաւ, երբ վասն ապագայ Հայաստանի` հայ որբերը հաւաքելով Կովկաս փոխադրելու ծրագիրն իրակացնելու գործին լծուեցաւ:

Այդ օրերուն Խարբերդի մէջ հայ որբ երեխաները մէկ ոսկիով կը ծախուէին, ուստի Խաչիկն ու քանի մը տղաք կը մեկնին շրջան` անցնելով` երեխաները հաւաքելու նպատակով: Տեղէ տեղ անցնելով` կը յաջողին խումբ մը հայ երեխաներ հաւաքել ու հասցնել Արաբկիր, որմէ ետք մաս առ մաս զանոնք կը տանին Երզնկա: Երեխաներուն ճանապարհը բաւականին փշոտ էր. թուրք զինուորականներու հալածանքը մէկ կողմէն, տեսած չարիքներէն մնացած վախը` միւս կողմէն, իսկ ծնող կորսնցնելու վիշտը` մէկ այլ

կողմէն. ահաւոր սարսափ ու զարհուրանք կար անոնց փոքրիկ սրտերուն մէջ:

Սեբաստեացի ընկեր քաջն Մուրատ Խրիմեանի հրամանով Երզնկայէն սայլերով ծնողազուրկ երեխաներու կարաւան իր ճանապարհը սկսաւ դէպի Կովկաս: Անոնք երամ երամ կը յանձնուէին ղեկավարութեան, որոնցմէ մէկն էր բանաստեղծ, ազգասիրութեան հեղինակութիւն Յովհաննէս Թումանեանը: Ան այնքան հոգատար էր, որ որբերուն համար պարտաճանաչ խիզախ հերոս հայր դարձած էր ու անոր յիշատակը անմահ մնաց երեխաներու յիշողութեան մէջ:

Խաչիկը յուզումով կը յիշէր զարհուրելի կացութեան ներքոյ երեխաներու անվտանգ փոխադրութեան առաքելութիւնը, իւրաքանչիւր խումբի տեղափոխումը մարտահրաւէր մըն էր, բայց կամաւորի կամքին առջեւ ի՞նչը կրնար կանգնիլ:

Ամենակարող Աստուծոյ կամքով եւ օրհնութեամբ, առաքելութիւնը պատշաճ կատարուեցաւ, երեխաները արդէն ապահով ձեռքերու մէջ էին:

1917 թուականն էր, Երեւանէն եկած ֆետայի ձիաւորներու խումբը հասաւ, խումբի ղեկավար ընկեր Զատիկը յայտնեց, որ Ռուսիոյ մէջ մեծ յեղափոխութիւն սկսած էր, պոլշեւիկեան եղբայրասպանութիւնը արիւնահեղութեան մէջ թաթախած է Մոսկուան, ռուսական զօրքերը լքած են Կովկասեան ռազմաճակատը եւ Հայաստանը յայտնուած է թրքական զօրքերու ներխուժման վտանգին առջեւ:

Ուստի տղաքը լծուեցան գործի, բայց եւ այնպէս, անոնք յաճախ կ՛այցելէին երեխաներուն տունը դարձած Երզնկայի Հայ առաքելական Սուրբ Լուսաւորիչի վանքը` թէ՛ ժողովներ գումարելու եւ թէ՛ երեխաներու կարիքները հոգալու: Մերթ ընդ մերթ երեխաներուն հանդիպելով` կը յագեցնէին անոնց ընտանիքի կարօտի ծարաւը, որբ, բայց ոչ անտէր մնացած փոքրիկներուն համար ֆետայիներու խմբակէն իւրաքանչիւր հայդուկ հարազատ մըն էր, որուն փաթթուիլ ու ճակատի անկեղծ համբոյր մը ստանալը անսահման երջանկութիւն էր:

Բայց ի՛նչ երջանկութիւն, երբ գիշատիչ թշնամին իր մագիլները սրած` հարուածելու կը պատրաստուէր:

Երեք օրուան ընթացքին Խաչիկն ու քաջ ընկերները հասան Երեւան, միացան այնտեղ հաւաքուած ռուսական բանակին մէջ ծառայած շարք մը հայ սպաներուն ու զինուորներուն, անոնց հրամանատարը դարձաւ Հասան Փաշայեանը, որուն Երզնկայի մէջ բազմիցս հանդիպած էին քաջ Մուրատին քով:

Այստեղ, ղեկավարութեամբ զօրավար Սիլիկեանի, զօրավար Նազարբեկեանի եւ Վանի ապստամբութեան քաջ հերոսներէն ղեկավար Արամ Մանուկեանին, տեղի ունեցաւ ընդհանուր զօրակոչ: Երեւանի ժողովրդական բանակին միացող իւրաքանչիւր զէնք ու զրահ շալկելու կարողութիւն ունեցող տղամարդ: Ջոկատները ուղղուեցան Սարդարապատ:

Կտրիճներն արդէն դիրքերն առած` պատրաստ էին օսմանական փատիշահի գազան ելտըրըմ զօրքերուն հետ դէմ առ դէմ պատերազմելու:

22 մայիս 1918-ին կատաղի պատերազմը սկսաւ, խիզախ ֆետայիները յարձակեցան ու ամէն կողմէն մոսիններու, մեթրայոզներու եւ թնդանօթներու կրակ կը տեղար, կրակ մը, որ երկինքէն իջած ձիւնը նոյնիսկ չէր կրնար մարել:

Խաչիկի կողքին էին արմութտանցի եղբայրներ Նազար եւ Լութֆիկ Ալպակեան զինակիցները, ապա անոնց միացան Երեւանցի Զատիկն ու Յովհաննէս Քրիստափորի Բաղրամեանը:

Հայկական զինեալ ուժերու քաջերը իրենց դիրքերը ամուր պահեցին: Կռիւի ընթացքին Խաչիկը վիրաւորուեցաւ ու ձախ ուսի վրայ կրեց առաջին շքանշան փամփուշտը, ընկերները տեղւոյն վրայ վէրքը կապեցին, պատերազմը կը շարունակուէր, հայոց արիները յառաջ կ՛երթային, ջոկատի տղաքը յստակօրէն կը լսէին Հասան Փաշայեանին, որ կը բացագանչէր` «Զարկէ՛ք տղա՛ք, մի՛ խնայէք երբէք, զարկէ՛ք մեր վէրքերուն խորութեան չափ»:

Նոյն ատեն բաբերդցի ընկեր Խորէնը սկսաւ երգել` «Մեր հայրենիք, թշուառ, անտէր, մեր թշնամեաց ոտնակոխ, Իւր որդիքը արդ կանչում են, Հանել իւր վրէժ, քէն ու ոխ: Դու սուրբ արիւնով պիտի լինես ազատուած»:

Հայոց քաջարի որդիները շարունակեցին յառաջանալ, Խաչիկը վիրաւոր էր, բայց կռուի վայրը չէր լքած, ան փոսի մէջ 6 զինեալ թուրքեր տեսած էր, իսկոյն ձայնեց ընկեր Զատիկին եւ Խորէնին, անոնք անմիջապէս պաշարեցին թուրքերը, եւ Խաչիկը թուրքերէնով գոռաց ըսելով` «Ձեր զէնքերը նետեցէք ու յանձնուեցէք»: Զինեալներն այլընտրանք չունէին, ձեռքերնին վեր` դուրս եկան. ընկեր Խորէնը մօտեցաւ իրենց, խուզարկեց, մէջքերնուն ատրճանակները, կացիներն ու զէնքերը մէկ կողմ դրաւ, ընկեր Յովհաննէս Քրիստափորը ձեռքերնին ետեւ կապեց, իսկ հրամանատար Հասան Փաշայեանը հրամայեց գերիները տանիլ հարցաքննելու:

Հրամանատար Փաշայեանի աչքին ինկաւ արիւնոտ զինուոր Խաչիկի հագուստը, իսկոյն ձայն տուաւ փրկարարներուն, անոնք եկան ու վէրքը մշակելու սկսան, բժիշկը ըսաւ, հիւանդանոց պէտք է երթայ, Խաչիկը չհամաձայնելով` ընկեր Փաշայեանին ըսաւ` «Ես եկայ մեռնելու, ոչ թէ դառնալու»: Հրամանատարը պահ մը կեցաւ, ապա մօտեցաւ ու զայն համբուրեց. այդ պահուն ընկեր Յովհաննէս Քրիստափորը մօտեցաւ Խաչիկին ու ըսաւ անոր

«Անունդ Կավռոշ կոչեցի, յիսնապետ Կավռոշ»: Այնուհետեւ բոլորը Խաչիկին Կավռոշ կը կանչէին:

Թշնամին վախէն ետ քաշուած էր, ձայն չկար: Հայ կտրիճները ձիերը հեծան եւ անցան առաջ, հասան նախապէս որոշուած կէտը` Սօսէի ծառին, որուն շուրջը թշնամիի դիակներն եւ անոնց զէնքերն ու ռազմամթերքները ցիրուցան սփռուած էին: Հերոսները իրենց յաղթանակով հպարտ` հաւաքեցին զէնքերը եւ տարին բանակավայր:

28 Մայիս 1918-ին էր, երբ ընկեր Փաշայեանի ձին կը սուրար ու հրամանատարը, ուրախ կը յայտարարէր, որ Հայաստանը դարձաւ ազատ, անկախ պետութիւն: Մարտիկներու կեցցէներով ու հուռաներով երկինք ու երկիր դղրդաց:

Անի քաղաքի կործանումէն ետք հայերը դժբախտութիւն ապրեցան, սակայն երբ ֆետային մահ կամ ազատութիւն ըսելով` զէնքը ձեռքը առաւ, թշնամին լաց ու կոծի մէջ ինկաւ, Սարդարապատի պատերազմով թուրքը ստիպուած եղաւ փախչիլ, տասնեակ հարիւրաւոր դիակներ եւ զանազան տեսակի զէնքեր, թնդանօթներ, մեթրայոզներ, թոմիկաններ ու սնտուկներով փամփուշտ թողնելով:

Հայկական պատուական եռագոյնը ծածանեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ազատ երկնքի տակ, հայ ֆետային դարձաւ արդէն հայկական բանակի զինուոր, տապալեց օսմանեան եըլտըրըմի ոչնչացման ծրագիրը:

Պատերազմը աւարտեցաւ, իսկ Կավռոշը երջանկութիւնէն վէրքը մոռցաւ, սակայն Երեւանէն եկած բժիշկները երբ տեսան Կավռոշի վէրքը, որոշեցին զայն Երեւանի հիւանդանոց փոխադրել: Ջոկատի հրամանատար Հասան Փաշայեանը վիճակին լրջութիւնը իմանալով` յանձնարարեց ընկեր Զատիկին, որ Կավռոշին հետ երթայ ու խնամէ զայն:

Երբ հերոսները հասան Երեւան, տեսան քաղաքի բոլոր թաղերը, տուները, շուկաները, խանութները, մարդիկ մեծով պզտիկով ուրախ կ՛երգէին ու կը պարէին` զիրար շնորհաւորելով` յաղթանակի կենացը կը խմէին, ամէնուրեք կը հնչէին ազգային երգեր: Քաջերուն ժամանումը եւս մեծ խինդ ստեղծեց ու քէֆը շարունակուեցաւ մինչեւ լոյս:

Առաւօտուն հասան հիւանդանոց, քիչ անց հասաւ նաեւ հրամանատար Փաշայեանը, ով բծախնդիր կը հետեւէր իր զինուորի առողջութեան: Կավռոշը որպէս պատերազմի վիրաւոր` շարք մը այցելուներ ունեցած էր, որոնցմէ էր Յովհաննէս Քրիստափորի Բաղրամեանը, ան իր ջերմ ժպիտով շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց ու ճակատը համբուրելով` ըսաւ. «Կիսատ գործը պիտի աւարտենք, պիտի ազատագրենք մեր մնացած սուրբ հողերը»:

Քանի մը օր անց, երբ զինուորին առողջական վիճակը կայունացաւ, գլխաւոր բժիշկ Կարոն արտօնեց անոր` ժամանակաւորապէս հիւանդանոցէն դուրս գալ: Ուստի հրամանատարն ու զինակիցները Կավռոշին տուին հայկական բանակի զինուորական տարազը, եւ բոլորը միասին ուղուեցան Երեւանի մէջ հրամանատարներու կեդրոնը, ուր ներկայ էին զօրավար Սիլիկեանը, զօրավար Նազարբեկեանը, հերոս Արամ Մանուկեանը: Վերջինին հրամանատար Փաշայեանը ներկայացուց քաջարի յիսնապետ Կավռոշը:

Կավռոշին տրամադրութիւնը շատ բարձր էր, իսկ առողջութիւնը` վատ, ան ստիպուած` վերադարձաւ հիւանդանոց, այս անգամ բժիշկը քննեց ու յայտնեց, որ վէրքը բորբոքած է ու պէտք է ձախ թեւը կտրուի:

Կավռոշը սրտաճմլիկ դուրս ելաւ: Զատիկը հետեւեցաւ անոր եւ երկուսով գացին Զատիկի ծնողքին տունը, ան իր մօր բացատրեց ցաւոտ իրավիճակը: Հայուհի մայրիկը ըսաւ` «Մի՛ մտածէր, անհոգ եղիր, լաւ կ՛ըլլայ, որդի՛ս»: Ճաշէն ետք մայրիկը ժողովրդական միջոցներով` իւղով, գինիով վէրքը մշակեց եւ ցաւէն տառապած զինուորին հանգստութեան համար ոչ մէկ հնարաւորութիւն խնայեց:

Կավռոշը ժամանակ մը յետոյ վերադարձաւ բանակ, այստեղ ընկեր Արամ Մանուկեանը իր մօտ կանչեց զայն ու յայտարարեց, որ այսուհետ ան ընտրուած է ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը ստանձնած Մանուկեանի թիկնապահի պաշտօնը կատարելու:

Երկու տարի անց, 14 հոկտեմբեր 1920 թուականին Խորհրդային Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը որոշում ընդունեց Հայաստանը խորհրդայնացնելու մասին եւ պայմանագիրը ստորագրուեցաւ 2 դեկտեմբեր 1920-ին, ապա պոլշեւիկեան հալածանքը սկսաւ ընդդէմ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, ինչը մղեց Կավռոշը` ընկերներով 1921 թուականին ճամբայ իյնալու դէպի Պարսկաստան, յետոյ անցան Իրաք, ապա` Տէր Զօր, ուրկէ անցան Հալէպ:

Հալէպ հասնելով` Կավռոշը կուսակցութիւնէն հրահանգ կը ստանայ երթալ Դամասկոս, 10 օր ճամբորդութենէ ետք կը հասնի, քիչ ժամանակ անց, ապրելու յարմար պայմաններ գտնելու եւ աշխատելու համար կ՛երթայ Լիբանան եւ Զահլէի մէջ կը ծանօթանայ Փառանձեմին, այն հայուհին, որ ծնած էր Կարին, 1905 թուականին, Զօրավար Անդրանիկի խումբէն բարակցի Կարոյին աղջիկը, որ ծնողներուն նահատակուելէն վերջ ինք մնացեր էր Ղազիրի որբանոցը: Ամուսնանալով` ընտանիք կը կազմեն ու կը հաստատուին Դամասկոս: Կավռոշը սուրիական բանակի մէջ կ՛աշխատի ու կը դառնայ վերակացու:

Կավռոշի պատուական պատմութիւնը իր զաւակին` Անդրանիկի հպարտութիւնն է, ամէնօրեայ հացի պէս իր մէջ սերմանուած ազգասիրական բարձր ոգին իրեն ուղեցոյց եղաւ պարկեշտ կեանք մը ապրելու:

«Այսօր հայ զինուորի յիշատակին առաջ խոնարհելով` ներկայի հայոց բանակի զինուորներուն համար գիշեր ցերեկ կ՛աղօթեմ, որ Յիսուս Քրիստոս ըլլայ ձեզի օգնական, որպէսզի հայոց երկիրը պահէք միշտ յաղթական», կ՛ըսէ Անդրանիկ Գազանճեանը:

Իսկ ես կը խոնարհիմ ձեր առաջ, պարո՛ն Անդրանիկ, որովհետեւ ձեր դստեր` Մարիին հետ միասին ինծի հնարաւորութիւն տուիք ճանաչելու հայ հերոսի մը կեանքի պատմութիւնը ու թոյլ տուիք այդ մասին պատմել:

Թող յիշատակդ դալար մնայ, յիսնապետ Կավռոշ:

Մայիս 2018

Պատուաբեր Պատիժ` Յանուն Եռագոյն Դրօշի Վարկի Պաշտպանութեան

$
0
0

ԷԼՕ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ

Թէեւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի կառուցումն ու իրագործումը կը կատարուէր բացառապէս Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի ջանքերով, այնուամենայնիւ, իր ստեղծման առաջին օրէն, համարեա յիսնամեակ մը, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի յաջորդական վարչութիւնները հաւատարիմ մնալով բացման օրուան իրենց յայտարարութեան` զայն տրամադրած են ամբողջ լիբանանահայութեան անխտի՛ր:

Ինչո՞ւ այս հաստատումը.

1980-ական թուականներուն թատերասրահը կ՛ապրէր իր «ոսկեդար»-ը, թատերական ներկայացումները մէկը միւսին կը յաջորդէին օրացուցային ճշգրտութեամբ: Անոնք կը բեմադրուէին լեփլեցուն սրահներու մէջ. հանդիսատեսներէն շատեր մուտքի տոմս գտնելու դժուարութիւն կ՛ունենային, յաճախ շաբաթամէջի օրերուն եւս ներկայացումներ տեղի կ՛ունենային: Որպէսզի ոչ ոք դուրս մնար, սրահի վարչութիւնը կ՛որդեգրէր մուտքի տոմսերը թուագրելու եւ կնքելու որոշումը. այն հանդիսատեսը, որ իր ձեռքին թատերասրահի կնիքով տոմս չէր ապահոված, ինքնաբերաբար դուրս կը մնար այդ օրուան ելոյթէն: Հրապարակի վրայ էին յոյլ մը կայացած կամ երիտասարդ թատերախումբեր. թուելու համար յիշենք մէկ քանին միայն. Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը, «Թատրոն 67»-ը, «Փորձառական թատրոն»-ը, «Հայկական շրջուն թատերախումբ»-ը, «Երիտասարդական թատրոն», ինչպէս նաեւ` զանազան մշակութային միութիւններու կամ անհատ բեմադրիչներու այլ թատերախումբեր:

Խանդավառուած այս մշակութային եռուզեռէն` վարչութիւնը կը ձեռնարկէր սրահի բարեզարդման աշխատանքներու, առաջին յարկի նախամուտքի տարածքը բարեզարդելով հայ թատրոնի կարկառուն դէմքերու լուսանկարներով եւ բուն սրահի մուտքի աջ եւ ձախ կողմերը նոյնպէս բարեզարդելով մին եռագոյն դրօշով, միւսը` լիբանանեան: Այս երեւոյթը արդէն աւանդութեան վերածուած էր եւ յաջորդական տարիներու ընթացքին դրօշակներու տեղադրումը անբաժան մէկ մասնիկն էր սրահի ամբողջութեան: Ոչ ոք դժգոհ էր եւ ոչ ոք առարկութիւն ունէր: Ընդհակառակը, իր հայաբոյր մթնոլորտով, ուր տեղի կ՛ունենային զանազան միջդպրոցական մրցումներ, ու յաճախ կը ներկայացուէին մանկապատանեկան թատրոններ, հայ աշակերտներուն համար փոքրիկ հայրենիքի մը տպաւորութիւնը կը թողուր այս շքամուտքը` լիբանանեան դրօշակի կողքին իր եռագոյն դրօշով:

1980-ական թուականներն էին: Հայաստան տակաւին կը գտնուէր խորհրդային վարչակարգի տակ: Թատերասրահին վարչութիւնը Ժորժ Սարգիսեանի (մինչեւ անոր մահը) գլխաւորութեամբ, հեզասահօրէն իր ժողովները կը գումարէր չորեքշաբթի օրերը` տնօրինելով ընթացիկ աշխատանքները, եւ կարեւոր որոշումներ տալէ առաջ կը դիմէր Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցչին, որ կապն էր եւ ի հարկին` իր պատասխանատուութեամբ որոշում կայացնողը: Ներկայացումները ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենային շաբաթավերջի օրերուն, ներառեալ` կալայի երեկոյթները: Սրահի վարչութենէն կարգ մը անձեր (մանաւանդ` քարտուղարութիւնը) կամաւոր ներկայ կը գտնուէին շաբաթավերջի խճողուած օրերուն` վարչութեան գրասենեակը բաց պահելով հետեւելու եւ հարկն ու պատշաճը տնօրինելու պատրաստակամութեամբ: Բայց ահա, օրերէն օր մը, չես գիտեր` ինչու, չես գիտեր` ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ բանէ դրդուելով, ոմանք կը փորձէին այս լուսաւոր մթնոլորտը մթագնել: Տուեալ շաբաթավերջի կիրակիի կալայի գիշերուան ելոյթին համար սրահը վարձակալած թատերախումբի բեմադրիչն ու վարչութիւնը անբացատրելի կերպով պայման կը դնեն սրահի վարչութեան, որ միայն այդ ելոյթի նախօրէին եռագոյն դրօշակը վերցուի սրահի մուտքէն: Միւս ելոյթներուն, որոնք քանի մը շաբթուան վրայ պիտի երկարէին, ոչ մէկ զգայնութիւն գոյութիւն ունէր. այլ խօսքով, կարելի՛ էր (ըստ այդ թատերախումբի ցանկութեան) պահել եռագոյնը իր տեղը: Արդ, մէկ բան պարզ էր, որ տուեալ թատերախումբը սրահը վարձելու նախօրէին քաջ տեղեակ էր, որ եռագոյն դրօշակը կը հանգչէր սրահի աջին: Ի՞նչ փոխուած էր, արդեօք ի՞նչ անպատեհութիւն կամ ի՞նչ արգելք կար, որ միմիա՛յն այդ երեկոյթին դրօշակը պէտք էր հեռացուէր հոնկէ: Ո՜վ պիտի համարձակէր նման երկչոտ ստորնացուցիչ քայլ մը առնելու: Նոյնիսկ քննարկման առարկայ պէտք չէր ըլլար այդ թեման. ի՞նչ հարկ կար դրօշակը մէկ օրով միայն պահելու: Դժբախտաբար այնպիսի մթնոլորտ ստեղծուած էր, որ կարծես թէ «վտանգուած» էր եռագոյն դրօշակի պահպանումը: Ոմանց համար պարզ տեքորի փոփոխութիւն մըն էր դրօշակի վերացումը… Հասած էին կիրակի ցերեկոյթի ժամերը եւ անհասկացողութեան թէ անհանդուրժողութեան մթնոլորտը առկախ կը մնար: Նախ` շատ վիրաւորական էր նման առաջարկ-պարտադրանքի մը դրսեւորումը վարչութեան համար` իբրեւ ոչ քննարկելի խնդիր, առաւել եւս նման հարցի մը պատասխան ստանալու համար հարցադրողը պէտք էր սպասէր առնուազն մէկ շաբաթ` պաշտօնական պատասխան մը ստանալու համար. այլապէս ամէն ինչ կար ու կը մնար այնպէս ինչպէս որ էր ի սկզբանէ: Այստեղ փակագիծ մը բանալով` ըսենք, որ Լիբանան կ’ապրէր համեմատական խաղաղութեան դիւրաբեկ շրջան մը, եւ որեւէ արտաքին ազդակ կրնար խանգարել կարծեցեալ կայունութիւնը: Հայկական իմաստով, Պուրճ Համուտի թաղերը կը հսկուէին մեր տղոց կողմէ, այնուամենայնիւ ներկայացումները կը խաղցուէին հանդիսատեսներով լեցուն սրահներու մէջ:

Անկախութեան դրօշ, վտանգուած էր քու գոյութիւնդ քու իսկ հարազատ Ժողովրդային տանդ սրահին մէջ: Սրահի գործադիր տնօրէնը` իբրեւ աւելի քան յիսուն տարուան երդուեալ կուսակցական, բազմիցս հերթապահ ընտրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն մըն էր: Մեծ էր անոր ընդվզումը եւ անդրդուելի` դրօշակը պահպանելու իր որոշումին մէջ: Լուրեր տարածուած էին, որ ներկայացման բացման նախօրէին ամէն գնով, թէկուզ սրահի պաշտօնեաներու ձեռքով դաւադրաբար ի հեճուկս վարչութեան կամքին պիտի վերցուէր դրօշակը սրահի մուտքէն, որպէսզի պաշտօնական հիւրերը անոր ներքոյ խոնարհելով` մուտք չգործէին ներկայացման: Ի՜նչ պիտի ըլլար իմ կեցուածքը` իբրեւ այդ պահուն հոն գտնուող քարտուղարուհիիս: Գործադիր տնօրէնը մօտենալով ինծի` հայրաբար յուզուած ու ինքնավստահ առոգանութեամբ ըսաւ, որ` «Մեր կուսակցականի ազգային պարտականութիւնն է պաշտպանել ազատ, անկախ Հայաստանի դրօշակի վարկը»:

Պաշտօնական հիւրերը, անտեղեակ ամէն ինչէ սովորականէն կանուխ ժամանած էին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ, եւ ինչպէս որ կարգն է, նախ այցելեցին վարչութեան գրասենեակ, հիւրընկալուեցան ջերմութեամբ եւ բարձրացան վեր` առանց  դոյզն վերապահութեան: Անոնք Խորհրդային Հայաստանի Սփիւռքի հետ մշակութային կապի կոմիտէի անդամներն էին` մինչ այդ անոնք տարբեր առիթներով եւս այցելած էին առանց որեւէ զգայնութիւն դրսեւորելու եւ արտայայտելու եռագոյնին հանդէպ:

Այսպիսով, մենք համոզուած էինք, որ ամէն ինչ ճիշդ ընթացած էր:

Բայց.

Բայց յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին երէց ընկերս ու ես մեր կուսակցական կեանքի առաջին գրաւոր նկատողութիւնը կը ստանայինք օրուան Կեդրոնական կոմիտէէն` անհնազանդութեան համար: Պարզ էր, որ դաւադրութեան մը զոհն էինք: Կ.Կ.-ը ապատեղեկատուութեան հիման վրայ պատիժ սահմանած էր: Երբ բացատրութիւն պահանջեցինք, թէեւ գնահատուեցաւ մեր արարքը բերանացի, բայց փաստը կը մնար փաստ: Ըստ օրինի, մենք պարտաւոր էինք նախ գերադաս մարմինին կարծիքը առնելու եւ ապա միայն գործելու. սակայն ԿԿ-ի ժողովը տեղի պիտի ունենար ներկայացումէն ետք միայն, եւ մենք առիթը չունէինք զիրենք տեղեկացնելու: Յանձն առինք (ի հարկին) պատժուելու հնարաւորութիւնը` փրկելու համար եռագոյնին պատիւը: Իբր թէ թատերախումբի վարչութիւնը դիմած ըլլար ԿԿ-ի պատասխանատու ընկերոջ եւ անոր համաձայնութիւնը ապահոված` դրօշակը վերցնելու իրաւունքին. մեզի ոչինչ փոխանցուած էր բնականաբար:

Խորհուրդ տրուեցաւ բողոքի նամակ գրել եւ բացատրութիւն ու պատիժի բեկանում հայցել: Դէպքերը գահավէժ ընթացք առին: Մէկ կողմէ, մեր վիրաւորանքն ու ընդվզումը եռագոյն դրօշի պաշտպանութեան ի խնդիր, միւս կողմէ` մութ ձեռքերու կողմէ դաւադրաբար դաշնակցական ղեկավար ընկերոջ մը վերահաս սպանութիւնը զգաստութեան հրաւէր էր մեր ներքին հարցերը շրջանցելու: Յառաջիկայ շաբթուան այն օրը, երբ մեր բողոքի նամակը կը հասնէր ԿԿ-ի նիստին, մենք իբրեւ նոյն ընտանիքի անդամները, մեծով ու փոքրով կը բոլորուէինք Դաշնակցութեան պանթէոնի շուրջ` հողին յանձնելու Դաշնակցութեան մեծ կորուստը: Այլեւս մենք իրաւունք չունէինք ո’չ մէկ պահանջ ներկայացնելու: Պահը այդ կը թելադրէր: Յետս կը կոչէինք մեր նամակը: Այստեղ համայնական լինելութեան խնդիր կար:

Եռագոյն դրօշ, սիմվոլը` մեր ինքնութեան: Այսօր բոլոր ազգերու դրօշներուն նման, բոլոր ազգերու դրօշներուն կողքին, դո՛ւն կը ծածանիս աշխարհով մէկ իբրե’ւ անձնագիր հայու գոյութեան, իբրե’ւ անցագիր հայու գոյատեւման:

Այժմ, յետադարձ ակնարկով մը, երբ կը վերյիշեմ ու կը փորձեմ գնահատել մեր արարքը, ես ոչ միայն զղջումի զգացումով չեմ պարուրուիր, այլ նաեւ հպարտ եւ ինքնասիրութիւնս շոյուած կը զգամ եռագոյն դրօշը պաշտպանելու ի խնդիր իմ ստացած պատիժի հաշուոյն:

 

 

 

Անկախութեան 100-ամեակ. Երկու Աւանդ Եւ Երկու Խորհրդածութիւն

$
0
0

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Յ. Օշականի բնորոշումով, «մեր բոլոր տօներուն տօ՛նն է» մայիս 28-ը, որ կը նշանակէ, թէ մեր բոլոր տօներուն ու արժէքներուն յիշողութիւնն ալ պիտի կորսուէր, եթէ չունենայինք Սարդարապատն ու Մայիս 28: Որով, մեծագո՛յնն է անիկա, որ երբեւիցէ ունեցած ըլլայ մեր ժողովուրդը իր բովանդակ պատմութեան մէջ:

Բազմախորհուրդ ու բազմաշերտ է աւանդը Մայիս 28-ին, բայց հոս անդրադառնանք անոնցմէ միա՛յն երկուքին, որոնք մինչեւ հայրենի ժողովուրդի ինքնորոշման (վերանկախացման) հանրաքուէն` անգնահատելի ներգործութիւն ունեցան յատկապէս սփիւռքի հայութեան աստանդական կեանքին վրայ:

Աւանդ 1.

Մինչեւ ղարաբաղեան շարժումը, սփիւռքի սերունդները ազգային հպարտութեան առիթներ չեն ունեցան` բացի 28 Մայիսի անկախութենէն: Անոր ազգակերտ նշանակութիւնը եւ յատկապէս ամէն տարեդարձի կազմակերպուած տօնակատարութիւնները հպարտութեան եւ վերականգնումի ոգեշնչող ներարկումներ եղան հայ մարդոց համար եւ այդ ներարկումները կերպով մը մեղմացուցին-հաւասարակշռեցին ցեղասպանուած ազգի մը ժառանգորդները եղած ըլլալու սերունդներուն ընկճուածութիւնը, հոգեբեկումը: Պատկերացուցէք, թէ որքա՛ն մռայլ ու ճմլուած պիտի մնար հայ երիտասարդին հոգին, եթէ իր ազգը գերեզմանուելէ ետք յարութեան հրաշք-յաղթանակի հպարտութիւնը ունեցած չըլլար:

Վարդանանց «բարոյական» յաղթանակին յուշը կար անշուշտ: Բայց անիկա շա՜տ հեռուներէն եկած ըլլալէ զատ` մշուշապատուած էր Վարդանի ու զինակից ընկերներու նահատակութեամբ եւ… Վասակի «դաւաճանութեամբ»: Մինչ նորագոյնը` Սարդարապատը անկախութեան ու հայրենակերտման իրական յաղթանակի ծիածանով պսակուած էր եւ հոն կը ճաճանչէր լուսափայլ ճակատով «անունն անթառամ» Մանուկեան Արամը, որ Երեւանի դռներուն հասած թրքական զօրքերուն դիմաց` յուսալքուած ու վախվխած ամբողջ ազգ մը փոխակերպած էր հերոսական բանակի:

Սփիւռքի մաշեցնող պայմաններու դէմ, դպրոցներու շունչով եւ ակումբներու մթնոլորտին մէջ Մայիս 28-էն ժառանգուած տեսիլքը հետապնդուեցաւ, այդ տեսիլքով հոգեկան հայրենիք կերտուեցաւ եւ իրերայաջորդ սերունդներ հաւատարիմ քաղաքացիները դարձան այդ հոգեկան հայրենիքին:

Թող ոչ ոք թեթեւի առնէ այս պատկերը:

Տեղն է նաեւ պախարակումի խօսք արձանագրել հասցէին այն ղեկավարներուն, որոնք ինչ-ինչ հաշիւներով թէ համոզումներով իրենց հետեւորդ սերունդները տարիներով զրկեցին Մայիս 28-ի ազգային մեծ, մաքրամաքուր ու արդար հպարտութենէն:

Խորհրդածութիւն 1.

Խոստովանինք, որ վերջին տասնամեակներուն մենք թերացանք արժանի ընդգծումով Մայիս 28-ի արժէքին մեծութիւնը եւ ազգային հպարտութիւնը նոր սերունդին փոխանցելու գործին մէջ, ամբողջովին նուիրուած ըլլալով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերուն եւ աշխատանքներուն: Մեծ եղեռնի ծանր բեռին վրայ աւելցուցինք նաեւ մեզի պատահած նոր դժբախտութիւններու` Սումկայիթի ջարդի մասին միջազգային հանրային կարծիքը լուսաբանելու պարտքը: Մեր պատանիներուն ու երիտասարդներուն հոգիին ու մտքին մէջ առաջնահերթ տեղը տուինք ցեղասպանուած ժողովուրդի մը ողբերգութեան եւ հաւասար շեշտով չկրցանք անոնց ներարկել յաղթական ժողովուրդի մեր հպարտութիւնը: Մինչ գիտենք, որ սերունդները պէտք ունին նաե՛ւ ու մանաւա՛նդ հպարտութեան: Ազգային արժէքները, պատմական պանծալի դէպքերն ու դէմքերը ճանչնալով է, որ անհատին մօտ կը զարգանայ ազգային արժանապատուութեան ու հպարտանքի զգացումը, եւ անով է, որ սերունդները կը դառնան հայրենասէր ու պայքարունակ:

Մայիս 28-ը գերազանց հպարտութեան աւանդը ձգեց մեզի` յետնորդ սերունդներուն:

Աւանդ 2.

Մայիս 28-ի կարեւորագոյն աւանդը ազգային դրօշ` եռագոյնն է եւ անով խորհրդանշուած ազատ, անկախ, ժողովրդավար ու միացեալ հայրենիքի կերտման տեսլականներն են, որոնք յստակօրէն կը գծեն ազգի պատմական երթի ուղին: Խորհրդանիշ մեր դրօշը հայ բազմութիւններ հրապուրեց եւ ունեցաւ կրքոտ երկրպագուները եւ նոյնքան կրքոտ անոր հակադրուողները նուազ չեղան, նոյնիսկ զայն ատողներ գտնուեցան: Բայց պէտք է ըսել, որ անոնց բոլորը, երկրպագուները` պաշտամունքին եւ հակադրուողները մերժումին մէջ գտան իրենց քաղաքական կողմնացոյցն ու առաջադրանքները, ունեցան պայքարի թիրախ ու նպատակ եւ ատով իսկ փրկուեցան գնչուի հոգեբանութեամբ աներազ ու անհեռանկար ապրելու դժխեմ ճակատագրէն: Սփիւռքեան կեանքի դաժան պայմաններուն բերումով «կողմ»-ի ու «դէմ»-ի դիրքերու մէջ հայ բազմութիւններու ողնասիւնին առանցքը դառնալէ ետք, այսօր միեւնոյն դրօշը անքակտելի կերպով իրարու կը միացնէ համայն հայութիւնը:

Խորհրդածութիւն 2.

Սարդարապատէն` «առաջին հանրապետութիւն».

Սարդարապատը մահագնացներու խոյանք էր ու զինուորական փառահեղ յաղթանակ: Զէնքի յաղթանակը, սակայն, լիարժէք կը դառնայ, երբ կը պսակուի քաղաքական աքթով, քաղաքական ու դիւանագիտական յաղթանակով: Այլապէս անիկա կը վերածուի հպարտացնող յիշատակի միայն ու ժամանակին մէջ կը տժգունի, կը մոռցուի:

Սարդարապատի յաղթանակը պատմական բովանդակութիւն ստացաւ ու լիարժէք դարձաւ Մայիս 28-ի քաղաքական աքթով, անկախութեան հռչակումով, պետականութեան կառուցումով: Կարճ` հայրենակերտումով: Այսինքն Հայաստանի ու հայութեան լինելութիւնը ապահովող յաղթանակի օրն է: Կրօնական համայնքի մը հանգամանքէն անով ազգ դարձանք եւ մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով կերտուեցաւ հայ քաղաքացին:

Պատմական ճշմարտութիւնն է սա, անյեղլի՛, անվիճելի՛:

Կրկնենք.- մեր մեծագոյն տօնն է Մայիս 28, որուն հաւասարազօրը չկայ մեր բովանդակ պատմութեան մէջ: Բայց անիկա տարօրինակօրէն փոխարինուեցաւ Սեպտ. 21-ով: Իսկ մեր «տօներուն տօն»-ը հռչակուեցաւ իբրեւ «առաջին հանրապետութիւն» տժգոյն եւ հետզհետէ առաւել տժգունող` երկրորդ, երրորդ ու տակաւին յայտնի չէ քանիերորդ հանրապետութիւններուն հաւասարեցնող բացատրութեամբ:

Սեպտ. 21-ը տարեդարձն է Հայաստանի վրայ բռնացող 70 տարուան համայնավարական վարչակարգի փակագծային տխուր շրջանի աւարտին եւ նորի մը սկիզբին, որ խորքին մէջ օղակումն է անջատուած շղթային: Ըստ էութեան, անիկա ժողովրդավարացման օր է, հայ քաղաքացիին մարդկային լիակատար իրաւունքներու տիրացման յոյսի օրն է, վերանկախացման յիշատակելի ու տօնելի աքթ է, բայց ոչ` անկախութիւնը փոխարինող տարեդարձ: Այս զարտուղութիւնը ճշմարտութեան դէմ մեղանչում է եւ ստուեր կը ձգէ մեր մեծագոյն տօնին վրայ, որուն համար յատկապէս ակադեմական շրջանակներէ հակազդող չեղաւ ու չկայ ոչ ներսը` Հայաստանի մէջ եւ ոչ ալ անկէ դուրս:

Մայիս 28-ի պատգամին հաւատարմութիւնն էր, որ ամրագրուեցաւ սեպտ. 21-ի ինքնորոշման հանրաքուէով: Որովհետեւ առաջին հանրապետութեան ստեղծումէն ետք հիմնովին յեղաշրջուած էր հայ մարդուն քաղաքական մտածողութիւնը: Անկախ ապրելու ձգտումը դարձած էր գերագոյն նպատակ` նոյնիսկ անկախութեան կորուստէն ետք: Սփիւռքահայ բազմութիւններ թէ հայրենաբնակ հայութիւն վառ պահեցին գաղափարը, ապրեցան եռագոյնին ու պետական զինանշանին կարօտով եւ այդ կարօտը միաւորեց ազգը, կազմեց ապագայի յոյսը եւ պայքարի կամքը:

Որով, արդար է յուսալ, «խնդրանքի ձեւով պահանջել եւ պահանջի ձեւով խնդրել», որ Հայաստանի քաղաքական դաշտի յստակացումէն ետք կազմուելիք Ազգային ժողովը խնդիր դարձնէ այս պարագան եւ 101-ամեակը թեւակոխենք Մայիս 28 հռչակելով իբրեւ անկախութեան օր, իսկ սեպտ. 21-ը` ինքնորոշման, վերանկախացման տօն:

Աթէնք, մայիս 2018


Մայիսեան Փառապանծ Թուական

$
0
0

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Մայիս ամիսը կը համապատասխանէ տարուան այն եղանակին, երբ բնութիւնը անգամ մը եւս կ՛արթննայ, կը նորոգուի եւ կը ծաղկի երկար ձմեռէ մը ետք:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ մայիս ամիսը նաեւ մարմնացումն է ծաղկման, յոյսի, վերածնունդի, որովհետեւ այն ամիսն է, երբ աւելի քան 600 երկար տարիներու ստրկութենէ, զուլումէ, ջարդէ ետք, 1918 թուականին հայ ժողովուրդը, միասնակամ եւ միասնական պայքարէ ետք շղթաներէն կը ձերբազատուի եւ անգամ մը եւս անկախ հայրենիքի դրօշը կը ծածանի Արարատեան դաշտին վրայ` երկարացնելով իղձը, երազը միլիոնաւոր նահատակներու: Որեւէ կասկածէ վեր է, որ այս փառապանծ թուականը ամէնէն կարեւոր թուականն է արդի հայոց պատմութեան մէջ:

Մայիսի 28-ով մենք ճանչցուեցանք իբրեւ ազգ, վերագտանք մեր տժգունած ինքնութիւնը ու վերակերտեցինք մեր հոգեկան դիմագիծը: Ձեռք ձեռքի, սիրտ սրտի տալով` հայը գիտցաւ ո՛չ ըսել իր անագորոյն թշնամիին, ո՛չ ըսել թուրքի լուծին եւ ազատութիւն, անկախութիւն գոռալով` իրագործեց ամենապանծալի յաղթանակը` ծնունդ տալով Հայաստանի առաջին հանրապետութեան:

Այսօր, երբ պատմութեան ալեկոծ էջերուն մէջէն պահ մը ետ կը նայինք ու կը փորձենք վերապրիլ այդ օրերու դաժան պայմանները, կ՛անդրադառնանք, որ հարցը «լինել թէ չլինել»-ն էր եւ մեր նշանաբանը` «Մահ կամ ազատութիւն»: Հարիւր տարի ետք, երբ մեր հայրենի հրաշալի ժողովուրդին պողպատեայ կամքով ու անսակարկ նուիրումով ունեցանք 2-րդ անկախ հանրապետութիւնը, կը հաւատամ, որ հարցը տակաւին «լինել թէ չլինել»-ն է, եւ մեր կարգախօսը պէտք է մնայ «Մահ կամ ազատութիւն»: Մեր հայրենիքը տակաւին պաշարուած է մեր դարաւոր թշնամիներով, տակաւին թուրքին հայաջինջ դամոկլեան սուրը կախուած է մեր գլխուն վերեւ, եւ մեր թշնամիին ցեղակից դրացի պետութիւնները ներշնչուած կը մնան Թալէաթի, Ապտիւլ Համիտի, Քեմալի ոգիով: Թուրքի համաթուրանական երազները աւելի քան երբեք այժմէական են: Դարը փոխուած է, բայց թուրքին հայաջինջ երազը` ոչ: Սումկայիթի, Պաքուի եւ Ստեփանակերտի ջարդերը վառ կը պահեն մեր մտքերուն մէջ թուրքերու հայաջնջումի նախընտրած ոճը, որ երբեք չի տարբերիր նախորդ տարիներու իրենց ոճէն:

Այս տուեալները կ՛ապացուցեն մեզի, որ տակաւին օրուան հարցը «լինել թէ չլինել»-ն է, եւ մեր հայրենիքի անկախութիւնը դեռ ամրապնդուած չէ: Ան փխրուն է եւ աւելի քան երբեք պէտք ունի մեր օժանդակութեան: Այժմ պէտք է բանանք մեր սիրտերը, վերապրեցնենք մեր մէջ մայիսեան աննման հերոսները` Արամն ու Նժդեհը, Քեռին ու Դրոն, Առիւծ Գեւոն ու Ռուբէնը, ու մենք դառնանք հերոսներ, գաղափարի հերոսներ` նուիրուած մեր սուրբ Դատին:

Մայիս 28-ի 100-ամեակի այս պանծալի առիթը մեզի կը պարտադրէ նոր հրամայականներ` հզօրացնել արդարութեան վրայ հիմնուած ներկայ անկախ հայրենիքը, զօրավիգ կանգնիլ անոր վսեմ ժողովուրդի կեանքի բարգաւաճման ու բարելաւման, ստեղծել ընկերային պայմանագիր մը, որ ծերունիին, անգործին ու վիրաւոր հայ զինուորին ապագան ապահովուած ըլլայ պետութեան կողմէ: Հայրենիք մը, որ ոչ միայն կը գնահատէ սփիւռքահայութիւնը, այլ նաեւ աջալուրջ կերպով պաշտպան կը կենայ եւ կը գուրգուրայ անոր յարատեւ հզօրացման:

100-ամեակի վեհ պատգամը, սուրբ նահատակներու արեան կոչը, սփիւռքահայ անհամար զոհուած հերոսներու երազը, արցախեան նահատակներու տենչն ու իղձը մեզ կը մղեն, որ անյապաղ եւ անտարակոյս եւ մեծ խոյանքով շարունակենք մեր նուիրումը, մինչեւ որ իրականացնենք երազներու երազը, որն է` միացեալ, ազատ, անկախ հայրենիքի կերտումը:

 

 

 

Ապրիլ` Մայիսով …

$
0
0

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ
(Ապագայ լրագրող)

«Թրքական լուծին տակ մեր դարաւոր ստրկութենէն ետք, վճռած ենք ազատ ապրիլ կամ մեռնիլ: Եթէ չյաջողինք պաշտպանել մեր երկիրը, մեր ազատութիւնը եւ պատիւը, զէն ի ձեռին, արժանի չենք ուրեմն իբրեւ ազգ ապրելու»:

Հայոց բանակի սպարապետ զօր. Նազարբէկեանի այս գերագոյն կոչը` բանակի զինուորներուն, խթան հանդիսացաւ հետագայ օրերուն անոնց անխորտակելի դիմադրութեան: Իւրաքանչիւր զինուոր իր մէջ ունէր ամբողջ ազգի մը վրէժը, զոր լուծեց հերթաբար` Ղարաքիլիսէի, Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի մէջ: Իւրաքանչիւրին սրտին մէջ կար Ցեղասպանութեան ենթարկուած իր ազգին արիւնահոս վէրքի ցաւի ճիչը, անօթի մանուկին լացը, տարեցին չարչարանքը, հայ կնոջ աննկուն կամքի ու նուիրուածութեան տիպարը…Անոնց մէջ կար տարիներու ստրկութեան զսպուած պոռթկումը, անոնք դարաւոր անարդարութեան, տմարդի` ճիւաղային արարքներու ու ոճրագործութիւններու, լկտիութեան ու անմարդկայնութեան պատասխանատու բարբարոս թուրք ցեղին դէմ վճիռը պիտի արձակէին: Եւ օծուած երկնային արդարութեան սուրբ միւռոնով, անոնք կռուեցան իբրեւ առասպելական հերոսներ` պարտութեան մատնելով թրքական բանակը: Եւ այսպէս, շնորհիւ անոնց աննկուն կամքին, կորովին ու անձնուիրութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը հռչակուեցաւ 28 Մայիս 1918-ին, մօտ 600 տարուան  ստրկութենէ ետք (հաշուի առնելով Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան շրջանը): Ասիկա իրապէս դարձաւ հայկական մեծ հրաշք մը:

Շատ չանցած, 4 յունիս 1918-ին, Պաթումի դաշնագիրով, թրքական կառավարութիւնը ճանչցաւ հայկական նոր պետութիւնը:

Մեծ հայրենասէր Արամ Մանուկեանի մղումով, նորահռչակ հանրապետութեան կառավարութիւնը գործի լծուեցաւ, եւ1918-էն 1920 յաջորդաբար Քաջազնունիի, Խատիսեանի եւ Օհանջանեանի եւ Վրացեանի գլխաւորած կառավարութիւնները աստիճանաբար հաստատեցին երկրի կարգն ու ապահովութիւնը: Այսպէս, աներեւակայելի արհաւիրքներէ ետք, մենք ունեցանք թուրքերէ մաքրուած ազատ հայրենիք, կերտուած` հայ զինուորի արեամբ ու հայ մօր աննկուն կամքով: Մէկուկէս միլիոն նահատակներու հոգիները, վստահաբար, գոհունակութեամբ դիտեցին իրենց ժառանգորդներուն հայրենի նուիրուածութիւնը, պապենական հողին հանդէպ անոնց ունեցած սէրն ու կամքին հանդէպ անոնց հաւատքը: Գոհունակութեամբ դիտեցին յարութիւն առնող Հայաստանը. սակայն անոնք տակաւին շատ բան կը սպասեն, անոնք շատ բան կը պահանջեն, եւ մեր պարտաւորութիւնն է այդ սպասուածն ու պահանջուածը իրականացնել: Մեր պարտականութիւնն է ապրիլ հայրենիքի սիրով, մեր պարտականութիւնն է պաշտպանել մեր արդար Դատը, պահպանել մեր դարաւոր մշակոյթը, լեզուն ու ապրիլ իբրեւ արժանի ժառանգորդ աւելի քան 6000 տարուան ժառանգութեան` գոյութեան պատմութեան: Ահա, մենք մեծ հպարտութեամբ կը տօնենք 1918-ի Մայիսեան յաղթանակներու ու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան առաջին հարիւրամեակը:

Սակայն կարեւոր է անդրադառնալ, թէ հանդէսներով, շքերթներով ու տօնախմբութիւններով չէ՛ միայն, որ պիտի կարենանք պահել ու արմատացնել մեր անկախութիւնը, որ հարիւրամեայ պատմութեան ընթացքին բազմիցս ենթարկուեցաւ դրացի թշնամիներու ոտնձգութիւններուն: Մենք հայ ծնած ենք եւ պատահմամբ չէ, որ հա՛յ ծնած ենք: Իւրաքանչիւրս տալիք ունի իր ազգին ու հայրենիքին, իւրաքանչիւրս ընելիք ունի: Մենք բոլորս ալ զինուորներ ենք, նոյնիսկ եթէ զինուած չենք զինամթերքով: Մենք զինուորներ ենք` հայապահպանման, մենք զինուորներ ենք` Հայ դատի ու արցախեան պայքարի: Մեր զէնքերն են` հայրենասիրութիւնը, գիտութիւնը, զարգացումը, իմաստութիւնը, մայրենի լեզուն ու պատմութիւնը, եւ մեր զէնքերու դարբնոցն է` ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ:

Մենք բոլորս պատասխանատո՛ւ ենք մեր դարաւոր ազգի գոյատեւման, Հայաստանի վերելքին, սփիւռքի միասնակամութեան ու կազմակերպուածութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի անկախութեան: Մենք պատասխանատու ենք մեր մանուկներու հայեցի կրթութեան, որովհետեւ անոնք են ապագան: Երբ մենք երկինք նայինք, շա՜տ բան պէտք է յիշենք…մենք պէտք է յիշենք, թէ այդ երկինքին տակ տակաւին ունինք վեհ լեռներ, որոնք մեզ կը կանչեն, տակաւին ունինք փլատակ բերդեր ու եկեղեցիներ, տակաւին ունինք ընկճուած Արարատ, ունինք լիճեր ու դաշտեր, որոնք անհամբեր կը սպասեն իրենց ՏԷՐԵՐը: Ապրի՛նք հայավայել կեանք ու ճիգ չխնայենք միանալու եւ վերատիրանալու մեր նիւթեղէն հարազատներուն:

 

 

 

Ինչո՞ւ Ոչ` Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ (Արամ Մանուկեանի Արձանի Բացումին Առիթով)

$
0
0

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Այս նիւթի մասին, չեմ գիտեր, թէ քանիերո՛րդ անգամն է, որ կը գրեմ` մտածումներս ու զգացումներս բաժնեկցելով ընթերցողներուն հետ: Կը խոստանամ, որ այս մէկը վերջինը ըլլայ այս շատ չարչրկուած նիւթի մասին, հակառակ անոր որ վիրաւորանքն ու անտեսումը այնքան խորն են, որ օր մը  կրնամ ստիպուիլ դարձեալ գրել այս մասին:

Նախ սկսիմ պատմելով, թէ ինչպէ՛ս առաջին անգամ այցի գացի ազգային հերոս եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի շիրիմին:

1990-ի նոր տարուան օրերուն էր: Գացած էի Հայաստան` հետաքրքրուելու համար, թէ կա՞ր արդեօք կարելիութիւն Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին մէջ հետեւելու հայկական մանրանկարչութեան ասպիրանտուրայի:

Արուեստի հիմնարկի օրուան տնօրէն, թատերագէտ Լեւոն Հախվերդեանը, զարմացաւ, երբ իրեն ներկայացայ եւ ապա բարձր գնահատելով  հանդերձ հետաքրքրութիւնս, յայտնեց, որ` «Սխալ ըրած էի Հայաստան գալով: Պէտք էր հետեւէի մամուլին եւ եթէ տեսնէի յայտարարութիւն սփիւռքահայ ուսանողներուն ուղղուած, այն ատեն կրնայի դիմել…»: Քաղաքավար ձեւով մերժուած էի:

Յոյսերս արդէն ծով ինկած էին: Կը մնար քանի մը օր անցընել Երեւանի մէջ եւ ձեռնունայն վերադառնալ Լիբանան:

Ձիւն էր Երեւան: Ես կը մնայի Յակոբ Տէր Պետրոսեանենց տունը` օրուան խորհրդարանի նախագահին ծնողքին մօտ:

Արարատի գիւղերէն մեր մօտ եկած էր Մեր Անդրանիկ քեռին (Ղարիպեան)` Զատիկ շնորհաւորելու: Գիշերը յայտնեց, որ ինք գիտէ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանին գերեզմանին տեղը եւ պատրաստ է զիս տանելու Թոխմախի գերեզմանատունը յաջորդ առաւօտուն: Որոշեցինք, առանց տնեցիներուն բան մը ըսելու, առտու կանուխ երթալ գերեզմանատուն:

Ձիւներուն մէջէն գացինք Թոխմախի գերեզմանատուն: Պահակը ըսաւ մեզ` «Եթէ դաշնակ Արամի գերեզմանը կը փնտռէք, գացէք հոն, ուր եռագոյն դրօշակ կայ»:

Եւ այսպէս, խաչքար մը հայկական արծիւով` կողքին` եռագոյն դրօշակ:Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի շիրիմը: Շիրիմ մը, որ կորսուած էր ( եւ է) հարիւրաւոր գերեզմաններուն մէջ, նոյնիսկ առանց ճամբայ ունենալու:

Գիտէի, որ երկու անգամ Արամի աճիւնները տեղափոխուած էին, բայց չէի պատկերացներ որ այս աստիճանի լքուած կրնար ըլլալ մեր հանրապետութեան հիմնադիրին շիրիմը, մանաւանդ որ խորհրդային իշխանութիւնները տապալած էին եւ հայաստանի կառավարութեան շէնքին վրայ եռագոյնը կը ծածանէր` որպէս ազատ  Հայաստանի պետական դրօշ:

Ճիշդ այդ օրերուն էր, որ Երեւանի կեդրոնական հրապարակի իր գեղեցիկ պատուանդանէն վար առնուեցաւ Լենինի (երկրին եւ ժողովուրդին համար օտար) հսկայ արձանը: Բնականաբար ժողովուրդին մէջ սկսած էին շրջիլ կարծիքներ, թէ որո՛ւ արձանը պէտք է դրուի Լենինի արձանին տեղ: Այդ հարցումը տուն վերադարձիս ինծի ուղղեց նաեւ Յակոբ Տէր Պետրոսեանը: Հաւանաբար գիտէր պատասխանս, բայց կ՛ուզէր զիս քննութենէ անցընել:

– Այդ տեղին արժանի է միայն մէկ մարդ` Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր  Արամ Մանուկեանը,- ըսի:

Լուռ մնաց. չէր զարմացած (այդ ատեն սկսած էր կարդալ Ռուբէնի «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» եւ մեծ հիացումով կ՛արտայայտուէր Ռուբէնի  մասին), բայց բան մը կը չարչարէր միտքը: Հարցուց.

– Հապա՞ Անդրանիկ զօրավարին արձանը ո՞ւր պիտի զետեղենք:

Երբ ըսի, որ կարելի էր Նոր Արէշի շրջանին մէջ յարմար տեղ մը գտնել, սաստիկ զայրացաւ: Անարգանք նկատեց այդ մօտեցումը զօրավարին հանդէպ: Ինք մեծ պաշտամունք ունէր Անդրանիկի հանդէպ եւ չէր կրնար ընդունիլ, որ անոր արձանը մայրաքաղաքի ամէնէն ցայտուն տեղը չդրուի:

Անցան հաշուըւած օրերը, եւ վերադարձայ Լիբանան` խառն տպաւորութիւններով: Սրտիս մէջ, սակայն, մեծ ցաւ մնաց Արամի շիրիմի լքուած ըլլալու իրողութիւնը (ընդհանրապէս, Մայիս 28-ի  առիթով միայն դաշնակցականներ կ՛այցելէին հանրապետութեան հիմնադիրին շիրիմը իրենց յարգանքի տուրքը տալու):

Գրեցի այս մասին. «Ո՞վ արժանի է Հանրապետութեան հրապարակին»: Անցան տարիներ:

Զօրավար Անդրանիկի, Դրոյի,Սեպուհի,Սօսէ Մայրիկի եւ այլ ազգային հերոսներու աճիւնները սփիւռքի տարբեր երկիրներէն  հայրենիք տեղափոխուեցան` արժանանալով մեր ժողովուրդի յարգանքին, սակայն  հանրապետութեան հիմնադիրին աճիւնները Հայաստանի մէջ ըլլալով հանդերձ…

Կար նաեւ Արամ Մանուկեանի լքուած տունը` Հանրապետութեան հրապարակին մօտ, որ որեւէ ատեն փուլ գալու վտանգին տակ էր (եւ է): Այս մասին ալ գրուեցաւ եւ խօսուեցաւ հայ մամուլին մէջ, եւ ամէնուն երազը այն եղաւ, որ այդ բնակարանը վերածուի թանգարանի,  բայց…

Քանի մը տարի առաջ, երբ Համազգայինի պատգամաւորներով այցի գացինք Արամի շիրիմին, չկար նաեւ եռագոյն դրօշակ:

Դարձեալ գրեցի` մատնանշելով հանրապետութեանց հիմնադիրներուն հանդէպ մեր եւ թուրքերուն (ամօթ կը զգամ այս բաղդատականին համար)  գնահատանքի տարբերութիւնները` յուսալով, որ բան մը կը փոխուի:

Հայաստան-սփիւռք համահայկական ժողովին դարձեալ այս հարցը ներկայացուեցաւ քանի մը ժողովականներէ:

Եւ ի՞նչ. այսօր պիտի տօնենք Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան (շինծու եւ անտեղի են Ա. Եւ Բ. Հանրապետութիւններ անուանումները: Հայաստանի Հանրապետութիւնը մէկ հատ է եւ ծնունդ առած է 1918 մայիսի 28-ին, եւ Հայաստանը ունի անկախութեան մէկ  օր, որ մայիս 28-ն է եւ վե՛րջ) 100-ամեակը` Արամի շիրիմը ձգելով իր լքուած վիճակին: Յո՞ երթաս, հա՛յ ժողովուրդ:

Ուրախ լուր որպէս ընկալեցինք Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակին առիթով Երեւանի քաղաքապետութեան ծրագիրը ,որ մայրաքաղաքին մէջ պիտի կանգնեցնէ  հանրապետութեան հիմնադիրին արձանը, որ դէպի հրապարակ պիտի նայի, բայց` ոչ հրապարակին վրայ…

Անկախ անկէ, թէ այդ արձանի նախագիծը որքա՛ն տպաւորիչ է, եւ առանց մտնելու գեղագիտական վերլուծումներու մթնոլորտին մէջ` ինծի համար դարձեալ կը ծագի նոյն խնդիրը:

Ո՞վ արժանի է հանրապետութեան հրապարակին վրայ կանգնելու Արամ Մանուկեանէն զատ: Կը փնտռեմ մէկը, որ համոզէ զիս, թէ կայ այլ ընտրանք:

«Այդ հրապարակին վրայ  անձի մը արձանը դնելը ճիշդ չէ»,«Հոն կարելի է դնել Մեսրոպ Մաշտոցի, Սասունցի Դաւիթի, Արտաշէս Աշխարհակալի, Տիգրան Մեծի կամ զօր. Վարդան Մամիկոնեանի արձաններ», «Կարելի է այլ խորհրդանշական կոթող մը դնել հրապարակին վրայ»… եւ այլն: Այս եւ նման կարծիքներ կան Հայաստանի հանրապետութեան հրապարակի մասին:

կը զարմանամ: Դուք չէ՞ք զարմանար:Այդ հրապարակը ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿ է եւ հոն ինչո՞ւ հանրապետութեան ստեղծումին հետ կապ չունեցող որեւէ արձան դնելու համամիտ են շատեր `բացի  ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ԱՐՁԱՆԷՆ:

Ժողովո՛ւրդ,հայրենակիցնե՛ր, հեռու եւ մօտիկ ապրող հայորդիներ, ամօթ է մեզի, վայել չէ մեզի այս մօտեցումը:

Նեղսիրտ ըլլալը լաւ բան չէ: Ի՞նչ ընենք հիմա, եթէ Արամ Մանուկեանը դաշնակցական էր եւ, այո, Դաշնակցութիւնը գլխաւորաբար կանգնած էր հանրապետութեան  եւ հայոց պետականութեան ստեղծման ակունքներուն: Այս պատիւը միայն Դաշնակցութեան չէ, այլ`  ամբողջ հայ ժողովուրդին, որուն համար ծառայութեան երդումով ծնած ու գործած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:

Հիմա դարձեալ  հարց կու տամ` ինչո՞ւ ոչ հանրապետութեան հրապարակին վրայ:

Մուսա Լեռ – Այնճար
18 մայիս, 2018           

yessayiHavatian@hotmail.com

Անդրադարձ. 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Յուշագրութիւնները Եւ Համացանցին Մէջ Հանդիպած Մամլոյ Եւ Այլ Յօդուածներու Կարգ Մը Վրիպումները

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութենէն 100 տարի ետք, այժմ, 2018-ին, որեւէ տեսակի ուսումնասիրութիւն կամ արժեւորում կատարելու համար անհրաժեշտ է կարելիութեան սահմաններուն մէջ երեւակայել եւ վերապրիլ 1914-1920 ժամանակաշրջանը` իր միջավայրով, մշակոյթով, կենցաղային առօրեայով, ժողովրդագրական, աշխարհաքաղաքական-ռազմական եւ կուսակցական իրավիճակով: Տուեալ ժամանակաշրջանի թանկագին լուսանկարները եւ ազատագրական-յեղափոխական գրականութեան իմացութիւնը կը դիւրացնեն այդ:

Սիմոն Վրացեան                              Ալեքսանդր Խատիսեան                     Ռուբէն Տէր Մինասեան

Իսկ միջավայրերն էին հայ ժողովուրդին ապրած չորս գլխաւոր աշխարհաքաղաքական հատուածները. առաջինը` ռուս-ցարական տիրապետութեան տակ գտնուող ամբողջ Հարաւային Կովկասի շրջանը` Նախիջեւանէն Ղարաբաղ, Սուրմալու, Երեւան, Կարս, Ալեքսանդրապոլ, Ախալքալաք եւ հայկական մեծ գաղութները` Ռոստովի, Էլիզեւաթոպոլի (Գանձակ), Պաքուի, Թիֆլիսի եւ Պաթումի. երկրորդը` օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող Արեւմտահայաստանի վեց նահանգները` Վան, Էրզրում, Սեբաստիա, Պիթլիս, Տիգրանակերտ եւ Խարբերդ, նաեւ երրորդը` Կիլիկիա, Տրապիզոն եւ Կոստանդնուպոլիս, եւ վերջապէս չորրորդը` հիւսիսային Պարսկաստանը:

Հրաշալի երեւոյթ է եւ` պատմական հարստութիւն, որ 1918-1920 Հայաստանի Հանրապետութեան պետական առաջին դէմքերէն շատերը` Արամ Մանուկեան, Ալեքսանդր Խատիսեան, Յովհաննէս Քաջազնունի, Ռուբէն Տէր Մինասեան, Սիմոն Վրացեան եւ ուրիշներ, իրենց յուշերը գրած են, որոնք հնարաւորութիւն կ՛ընձեռեն վերապրելու այդ ժամանակաշրջանը: Անոնց մէջ հաւանաբար ամէնէն ընդգրկունը վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի «Հայաստանի Հանրապետութիւն» (684 էջ) լուսանկարներով հարուստ գիրքն է:

Առարկայական, ժամանակագրական կարգով, անհրաժեշտ ու տարրական մեկնաբանութիւններով, նաեւ համապարփակ ընկերային` առօրեայ-կենցաղային մանրամասնութիւններով ու դրուագներով կը նկարագրէ առաջին հանրապետութիւնը`  հռչակումէն մինչեւ խորհրդայնացում, սկսելով 1914-ի Ա. Համաշխարհային պատերազմէն:

Սիմոն Վրացեան իր «Հայաստանի Հանրապետութիւն» գիրքին (1) «Երկու խօսք երկրորդ հրատարակութեան առթիւ»-ին մէջ կը գրէ (արեւմտահայերէնի վերածուած ու յապաւուած).  «Այս գիրքը, առաջին տպագրութեամբ, լոյս տեսած է մայիս 1928-ին, Հայաստանի անկախութեան տասնամեակին առիթով եւ քանի մը ամսուան ընթացքին` 2500 օրինակ ամբողջովին սպառած: Եւ այնուհետեւ, 30 տարի շարունակ, մէկէ աւելի անգամներ, մանաւանդ նոր սերունդին կողմէ ցանկութիւն յայտնուած է, որ գիրքը լոյս տեսնէ նոր տպագրութեամբ, բայց ո՛չ ՀՅԴ Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն, որուն կը պատկանէր առաջին հրատարակութեան նախաձեռնութիւնը, ո՛չ ալ ուրիշ մը գործնական կերպով ընդառաջեց այդ ցանկութեան: Հեղինակը ինքը ի վիճակի չէր նման մեծածախս գործի ձեռնարկելու: Սակայն կը լրանայ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան քառասնամեակը: Հայաստանի մէջ (խորհրդային), բնականաբար, պատմական այդ թուականը անաչառ յիշատակութեան չ՛արժանանար: Անհրաժեշտ է, որ տարագիր սփիւռքի մէջ գէթ արժանաւոր կերպով ներկայացուի դարերու ստրկութենէն ետք հայ պետականութեան վերահաստատումին ճշմարիտ պատմութիւնը:

«Դժբախտաբար, կլանուած` առօրեայ հոգերով, սփիւռքի հայ մտաւորականութիւնը ի վիճակի չէ պատմական երկարաշունչ ուսումնասիրութիւններ կատարելու եւ նոր գործեր արտադրելու: «Հայաստանի Հանրապետութիւն» հատորիս վերահրատարակութիւնը (տպաքանակ` 3500, Յ. Չ.) նպատակ ունի որոշ չափով լրացնելու այդ թերին: Պարտք կը զգանք խոստովանելու, որ մեր այժմու պայմանները թոյլ չտուին գիրքը վերամշակելու եւ լրացնելու այնպէս, ինչպէս կ՛ուզէինք, սրբագրելու համար հապճեպով պատրաստուած առաջին տպագրութեան թերիները. բայց եւ այնպէս ներկայ տպագրութիւնը վերանայուած, լրացուած ու սրբագրուած` մեծ չափով կը տարբերի առաջին տպագրութենէն: Իր պակասութիւններով հանդերձ, այս հատորը կարելի է համարել Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջական պատմութիւնը, թերեւս` ոչ լրիւ ու կատարեալ, սակայն իրական պատմութիւնը»:

Ալեքսանդր Խատիսեան իր «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը» գիրքին (1) մէջ, փոխան յառաջաբանի, կը գրէ.

«Իմ գրուածքը, որ առաջին անգամ տպուեցաւ «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ, պատմութիւն չէ անշուշտ, այլ` պատմական նիւթ, յուշերու ձեւով: Եւ հասկնալի է, որ գրութեանս մէջ տեղ գտած են գերազանցապէս այն դէպքերն ու դէմքերը, որոնց հետ շփման մէջ  եղած եմ, ինչպէս նաեւ յայտնուած են կարծիքներ, որոնց միակ պատասխանատուն անհատաբար ես եմ: Տարօրինակ պէտք չէ թուի նոյնպէս եւ այն, որ իրերու բերումով կամ պատահաբար այս կամ այն փաստերն ու փաստաթուղթերը չեն արձանագրուած: Իմ դերը եղած է գրի առնել յուշերս` իբրեւ քաղաքական գործիչ, յիշատակելով միաժամանակ յարակից դէպքերը: Աւելին պատմաբանին գործն է»:

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած յօդուածաշարքեր պատրաստելու ընթացքին, սակայն, կը հանդիպինք հիասթափութիւն պատճառող երեւոյթներու` այս յուշագրութիւններու ծաւալուն հատորներուն եւ համացանցին մէջ: Անշուշտ գրեթէ անկարելի է հազարաւոր հայերէն եւ օտար լեզուներով համացանցի այս էջերուն անդրադառնալ, ներառեալ` եղելութիւնները խեղաթիւրած թրքական, ազրպէյճանական եւ խորհրդային ժամանակաշրջանէն պատկերահանուած կամ քաղուած էջերուն, սակայն ստորեւ կը նշենք միա՛յն «Մայիսեան» յօդուածաշարքերու ծիրին մէջ ի յայտ եկած յատուկ նիւթերէն օրինակներ:

Անհասկնալի պատճառներով, նշեալ բոլոր յուշագրութիւններուն պարագային, ընդհանրապէս կը պակսին լրիւ թուականներ (օր, ամիս, տարի, ժամ), հայ եւ օտար անձնաւորութիւններուն լրիւ անունները, եւ կը յիշուին անունին սկզբնատառերը եւ մականունը: Այս պատճառով, օրինակ, կարգ մը աղբիւրներ շփոթած են նոյն ժամանակաշրջանի դերակատարներէն Խալիլ պէյի (Մենթեշէ) եւ Խալիլ փաշայի (Քութ) միջեւ: Այլ շփոթ նկատելի է Ա. սկզբնատառով` Երեւանի պարետ ՀՅԴ-ի անդամ Արշաւիր Շահխաթունիի եւ ՀՅԴ գործիչ Աւետիս Շահխաթունեանի միջեւ:

Նկատելի է նաեւ հակասական տեղեկութիւններ` երբեմն նոյն գիրքին մէջ, օրինակ` «Արամը» (1), ուր նոյն դէպքին մասին կը հանդիպինք տարբեր նկարագրական ոճի եւ մանրամասնութիւններու հակասութեան: Արշաւիր Շահխաթունիի «Խալիլ փաշայի (Քութ) հանդիպումները Արամի հետ», որ լոյս տեսաւ «Ազդակ»-ի մէջ, (2), (3) ինք, որ ներկայ էր հանդիպումին, կը գրէ (էջ 499-500).  «Ներս մտանք դահլիճ: Այնտեղ սպարապետը իր հսկայ հասակով, աթոռի մը կռթնած, զարմանալի գրաւիչ դէմքով կանգնած էր: Խալիլ անոր նայեցաւ, երկու քայլ յառաջացաւ եւ ձեռքը գլխին զինուորական բարեւ տալով` ըսաւ. «Ձերդ բարձր գերազանցութիւն, երջանիկ եմ, որ կ՛ընդունիք զիս այսպէս: Երջանիկ եմ, որ այսօր ինծի յաղթողին ձեռքը կը սեղմեմ…»: Նոյն դէպքին մասին, ուր ներկայ չէր, Վահան Նաւասարդեան կը գրէ (էջ 493). «Արամի ուղեկցութեամբ ու նշանակուած ժամուն Խալիլը կ՛երթայ պարտուած ու ջարդուած հրամանատարին բնակարանը…»

Նախքան սրբագրելս՝ Ուիքիփետիայի «Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարան (1918-1920)»էջի 8 Սեպտեմբեր 2017-ին խմբագրուած էջը, ուր խորհրդարանին նկարը կը ներկայացնէ այժմ անգոյ Երեւանի առաջին թատրոնին շէնքը:

Եղելութեան մը մասին մէկէ աւելի մատչելի աղբիւրներէ(1) եւ համացանցի միջոցով ստուգում կատարելու պրպտումը, դժբախտաբար, կարելի չդարձուց հաստատել կարգ մը լրիւ անուններ, վայրեր, թուականներ, մանրամասնութիւններ եւ նկարներ, որոնք, վստահ եմ, գոյութիւն ունին, նոյնիսկ կան այդ օրերուն նկարահանուած ժապաւէններ, որոնցմէ քանի մը հատը դիտած եմ, բազմաթիւ նկարներ, ալպոմ եւ արխիւ:

Պրպտումներու շնորհիւ, սակայն, կարելի եղաւ կարգ մը յստակացումներ եւ սրբագրութիւններ կատարել: Օրինակ, Երեւանի Քաղաքային ակումբին, ուր տեղի ունեցաւ Հայաստանի խորհուրդին անդրանիկ նիստը` վայրը կամ շէնքին նկարը կարելի չեղաւ գտնել կամ հաստատել, սակայն այս մասին համացանցին վրայ կային կրկնուող սխալ նկարներ: Օրինակ` Ամիրեան փողոցի «Նայիրի» նախկին շարժապատկերի սրահը, որ 1918-ին տակաւին չէր կառուցուած, կամ` Պուշկին 38-ի շէնքը, որ բնակարանային է, ուր բնակած են զօրավար Մովսէս Սիլիկեանը եւ նոյնինքն` առաջին խորհուրդի նախագահ Աւետիք Սահակեանը: Միթէ իր բնակարանին շէնքին մէ՞ջ տեղի ունեցաւ նիստը…

1918-1920 ՀՀ խորհրդարանին մասին, շէնքին սխալ նկարով բազմաթիւ համացանցի էջեր, Ուիքիփետիա, մամուլ եւ այլ:

Երկու պարագաներուն, անոնք Աբովեան փողոցին վրայ չեն գտնուիր: Աղբիւր մը կը նշէ, որ ակումբը Աբովեան փողոցին վրայ էր, սակայն` առանց յաւելեալ տեղեկութեան: Իսկ Սիմոն Վրացեան կը գրէ. «Խորհուրդի (անդրանիկ) նիստէն ետք, զօրավար Նազարբէկեանի գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ զօրահանդէս … Զօրքերը, երաժշտութեամբ ու կանոնաւոր շարքերով անցան հանդիսատեսներու առջեւէն եւ բարձրացան Աստաֆեան (Աբովեան) պողոտայով…»,  անուղղակի կերպով  հաստատելով, որ ակումբը կը գտնուէր Աբովեան պողոտային վրայ, կամ` անկիւնը, որ այդ օրերուն Երեւանի գլխաւոր պողոտան կը նկատուէր (4):

Ուիքիփետիայի «Հայաստանի Հանրապետութեան Խորհրդարան (1918-1920)»29 Մարտ 2018-ի էջը՝ սրբագրելէս ետք, ուր խորհրդարանին նկարը կը ներկայացնէ այժմու ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնը (6)

Երկրորդ կրկնուող սխալը, որուն ուշ անդրադարձայ, կը վերաբերի 1918-1920 Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի մնայուն շէնքին, որ կը գտնուի Հանրապետութիւն փողոցի թիւ 30 հասցէին վրայ, այժմու ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին շէնքը: Այս պարագային նաեւ սխալած է համացանցի ամենամեծ թիւով այցելուներ ունեցող համայնագիտարան Ուիքիփետիայի այս էջը խմբագրողը, որ 8 սեպտեմբեր 2017-ի դրութեամբ, իբրեւ խորհրդարանին նկար, ներկայացուցած է այժմ անգոյ, Երեւանի առաջին թատրոնին շէնքը, որուն ճակատին ընթեռնելի է «Թատրոն» բառը նաեւ ռուսերէնով. տես վերի առաջին նկարը: Միւս կողմէ, նաեւ, համացանցին մէջ բազմաթիւ յօդուածներ կը գտնուին` այս թատրոնին նկարը իբրեւ խորհրդարանը ներկայացնող, նոյնիսկ` համալսարան, տես վերի «Կուկըլ»-ի որոնման արդիւնք` երկրորդ նկարը: Յայտնի չէ, թէ այս սխալին սկզբնաղբիւրը ո՛վ եղած է, եւ իրարմէ ընդօրինակելով` սխալը բազմապատկուած ու վերագրութեան վերածուած:

Հեգնօրէն, նոյն Ուիքիփետիայի նկարներու էջերուն մէջ, 25 փետրուար 2013-ին, ճշգրիտ կերպով զետեղուած է խորհրդարանին նկարը` իր ճշգրիտ բացատրութեամբ (5): Իբրեւ Ուիքիփետիայի մասնակից խմբագիրներէն մէկը` կրցաւ 29 մարտ 2018-ին սրբագրել այս վրիպումը, տես վերի նկարը (6): Զարմանալի է, որ  2017-ին խմբագրողը չէ՛ նկատած 2013-ին զետեղուած այս էջը, նկարը եւ բացատրութիւնը: Սակայն առաջին փորձով կարելի չեղաւ անգլերէն էջը սրբագրել, քանի որ վերջին խմբագրողին արտօնութիւնը կը պահանջէր այդ,  սակայն դիտողութիւնս արձանագրուեցաւ եւ 7 ապրիլ 2018-ին սրբագրութիւնը կատարուեցաւ. այժմ էջը բացողը կը տեսնէ էջին վերնագիրը փոխուած` թատրոնը (7):

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով, անհրաժեշտ է պատրաստութիւնը «Հայաստանի Հանրապետութիւն 1918-1920»  ժամանակագրական-տեղեկատուական հակիրճ, առանց մեկնաբանութիւններու կայքէջ մը` ժամանակագրական շարքով, հարուստ լուսանկարներով եւ տեսանիւթերով, սկսելով 25 հոկտեմբեր 1917-ի Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն, Անդրկովկասեան Կոմիսարիատի կազմութիւնը, Անդրկովկասեան Սէյմը, Հայոց Ազգային խորհուրդը` Թիֆլիս եւ Երեւան, մայիսեան հերոսամարտ-յաղթանակները` Սարդարապատ, Բաշ Ապարան եւ Ղարաքիլիսա, անկախութեան հռչակումը, խորհրդարանները, կառավարութիւնները եւ կարեւոր եղելութիւններն ու դէմքերը մինչեւ 2 դեկտեմբեր 1920:

12 մայիս 2018

——————————————-

(1).-  «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Սիմոն Վրացեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1958, տպարան «Մշակ»:
– «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը» Ալեքսանտր Խատիսեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1968, տպարան Համազգային:
– «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» Ռուբէն Տէր Մինասեան, Բ. հրատարակութիւն, 7-րդ հատոր, Պէյրութ, 1979, տպարան Համազգային:
– «Արամը» հրատարակութիւն ՀՅԴ, Պէյրութ, 1969, տպարան Համազգային:

(2).-  http://www.aztagdaily.com/archives/386524

(3).-  http://www.aztagdaily.com/archives/387134

(4).- «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Սիմոն Վրացեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1958, տպարան «Մշակ», էջ 187:

(5).-   https://commons.wikimedia.org/wiki/File:Yerevan_Hanrapetutyan_street_01.jpg

(6).- https://hy.wikipedia.org/wiki/Հայաստանի_Հանրապետության_Խորհրդարան_(1918-1920)

(7).-   https://commons.wikimedia.org/wiki/File:Armenia-National-Assembly-House-1918-1920.jpg

Խմբագրական «ՎԷՄ»-ի. Մայիս 28-ն` Իբրեւ Փորձաքար*

$
0
0

Հայաստանի Հանրապետության 100-ամեակի ոգեկոչման արարողութիւնները խոստանում են դառնալ այն իւրայատուկ «լակմուսի թուղթը», որն առարկայօրէն ի ցոյց է դնելու ոչ միայն պետականութեան գաղափարի հանդէպ իւրաքանչիւրիս յարգանքի աստիճանը, այլեւ` մեր ներկայ հանրապետութեան(1) ինքնուրոյնութեան եւ ինքնիշխանութեան չափը:

Թէեւ մեր երկրի 1991-ի վերանկախացումից յետոյ Հայաստանի Հանրապետութեան 1918-1920 թթ. պատմութիւնը դուրս է բերուել քաղաքական արգելանքի դաշտից, այնուամենայնիւ, նրա հանդէպ վերաբերմունքը այդպէս էլ չի հասել ո՜չ ազգային-պետական մտածողութեան իմաստնութեանը եւ ո՜չ էլ գիտութեան ժամանակակից պահանջների բարձրութեանը: Եւ այդ առումով, որքան էլ դա տարօրինակ է, մենք այսօր յետ ենք մնում մեր բոլոր հարեւաներից: Ազրպէյճանում 2018 թուականը հռչակուել է այսպէս կոչուած` «Ազրպէյճանի Դեմոկրատական Հանրապետութեան» տարի, իսկ Վրաստանում նոյն իրադարձութիւնը նշւում է իբրեւ Անկախութեան օր: Մինչդեռ մեզանում Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի ոգեկոչման գործընթացն ընթանալու է «Սարդարապատից` պետականութեան վերականգնում» պարզունակ ու հատուածական կարգախօսի ներքոյ:

Յայտնի է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1918-1920 թթ. մեր տարածաշրջանում միջազգային իրաւունքի լիարժէք կրող դառնալու միակ յաւակնորդն էր: Ի տարբերութիւն այսպէս կոչուած «Ռուսական գործի» մասերը դիտուող Ազրպէյճանի ու Վրաստանի, նա` որպէս Արեւմտեան Հայաստանի իրաւատէր, համարւում էր քաղաքացիական կռիւների մէջ ներքաշուած Ռուսաստանից դուրս տարածքներ ունեցող, ուրեմն եւ լիարժէք անկախացմանը պատրաստ երկիր: Մինչդեռ առաջիկայ տօնակատարութիւնների համար ընտրուած` «Սարդարապատից` պետականութեան վերականգնում» կարգախօսը հայոց պետականութեան վերականգնման 100-ամեակի քաղաքական իմաստը նոյն հարթութեան վրայ է դնում Երզնկայից մինչեւ Պաքու ձգուած, իսկ այնտեղից էլ դէպի Արցախ շրջուած` 1918 թուականի հերոսամարտերից ընդամէնը մէկի հետ: Այս իրողութիւնն առարկայօրէն ցուցադրում է մի կողմից` անկախութեան գաղափարի հանդէպ բաւարար յարգանքի, իսկ միւս կողմից պատմութեան վերաբերեալ հիմնարար գիտելիքների բացակայութիւնը:

«Սարդարապատ»-ի նման ընկալումը 1918 թ. մայիսեան «համաժողովրդական պայքարի» վերաբերեալ խորհրդային շրջանում յօրինուած մտակաղապար է` 1960-ականների վերջերին թոյլատրուած սահմանափակ հանդիսութիւնների բովում ծնուած խորհրդանիշ: Մինչդեռ, ինչպէս յայտնի է, իրական Սարդարապատը ոչ թէ կասեցրել, այլ սոսկ յետաձգել է Արեւելեան Հայաստանի բռնազաւթման թուրքական ծրագրի իրականացումը: Նոր ժամանակների մեր Աւարայրը (Աւետիս Ահարոնեան) եղել է Ղարաքիլիսայի ճակատամարտը, որում կրած պարտութիւնն անգամ յաղթանակի իմաստ է ունեցել: Աւելի՛ն. դրանից յետոյ նոյնպէս Արեւելեան Հայաստանի վրայ կախուած վտանգը պահպանուել է, եւ եթէ չլինէին 1918 թ. ամրան` Պաքուի եւ աշնան` Արցախի կռիւները, այն անխուսափելիօրէն իրականութիւն կը դառնար: Ուրեմն, միացեալ Հայաստանի համար մեր ժողովրդի մղած կռիւների երկար շարքն է ապահովել նրա մի մասի փրկութիւնը` մինչեւ Ա. Աշխարհամարտի աւարտը թանկագին ժամանակ շահելու միջոցով: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Արցախի համար պայքարն է այսօր ապահովում Զանգեզուրի եւ Երեւանի պաշտպանութիւնը: Հակառակ պարագայում, ոչ մի ուժ չէր կարող կասեցնել Սարդարապատից յետոյ Պաթումում կնքուած 1918 թ. յունիսի 4-ի պայմանագրով Նորագաւիթում յայտնուած թուրքական բանակի մուտքը Երեւան:

Պատահական չէ նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական յանձնաժողովի կողմից հրապարակուած «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերի 100-ամեակին նուիրուած ուղերձ» վերտառութեամբ 6 էջանոց փաստաթղթում առկայ փաստական սխալներն անցնում են մէկ տասնեակը, ինչը մեզանում պատմագիտութեան ասպարէզում տիրող խայտառակ վիճակի հերթական ապացոյցն է:

Վճռականօրէն սահմանազատուելով Սարդարապատի հերոսամարտը փառաբանելու միջոցով Մայիս 28-ը «չապայեւեան էպոպեայի»(2) վերածելու պոլշեւիկախառն փորձերից` միեւնոյն ժամանակ յանուն արդարութեան պէտք է խոստովանենք, որ դրանցում անմեղսունակութեան աստիճանի հասնող անտեղեակութիւնը գերակայ է քաղաքական նկրտումների հանդէպ, որովհետեւ հեռուն տանող նպատակներ հետապնդելու համար նոյնպէս պէտք է գիտելիքներ ունենալ: Յաւակնելով հայ ազգի ինքնակազմակերպման բարձրագոյն մակարդակին` ներկայ Հայաստանը, որպէս պետութիւն, պարզապէս չի կարող անտեսել Մայիս 28-ի նման համազգային տօնը, ուրեմն դեռեւս բաւարար ժամանակ ունի իր կիսախորհրդային պատկերացումների պատմուճանից դուրս գալու համար:

Այդ պատճառով ստիպուած ենք բացատրել, որ անկախ պետականութեան անանց արժէքը երբեք նոյն նժարի վրայ չի դրւում նրա ձեռքբերման համար պայքարի հանգրուաններից մէկի հետ, որքան էլ հերոսական լինի այն: Այստեղ նպատակը միջոցից տարանջատելուն զուգահեռ, կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ անցեալի ճշգրիտ գնահատականը սեփական ինքնագնահատականի ելակէտ դարձնելու խնդիրը: Աւելի՛ն. անցեալի հանդէպ վերաբերմունք ունենալու իրաւունքը պէտք չէ շփոթել անցեալի «ընտրութեան իրաւունքի» հետ: Իրենց յարգող ազգերը սեփական անցեալը չեն ընտրում, որովհետեւ նա մէկն է բոլորի համար:

Հայաստանում Մայիս 28-ի հանդէպ առկայ նման պարզունակ վերաբերմունքի պատճառը նաեւ այն է, որ անցած հարիւրամեակի ընթացքում մեզանում ստեղծուած իբր թէ գիտական գրականութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութիւնը այդպէս էլ դուրս չի եկել փոխադարձաբար միմեանց բացասող քաղաքական գնահատականների ոսպնեակից եւ իր տեղը գրաւել պատմութեան գիտական ընկալման տիրոյթում` պատմագիտութեան մէջ. պարզապէս 1991-ի վերանկախացումից յետոյ տեղի է ունեցել մասնակի փոխատեղում, այսինքն` եթէ խորհրդային շրջանում «Դաշնակցական Հայաստան» որակուած գիտական առումով անհասկանալի կազմաւորումն էր արժանանում բացասական բնոյթի քաղաքական գնահատականների, ապա 1991 թուականից յետոյ քննադատութեան թիրախում յայտնուեցին իրենց հակապետական գործունէութեան միջոցով նրա կործանմանը նպաստած հայ պոլշեւիկները, իսկ վերջին շրջանում զգուշօրէն, սողացող ձեւով սկսեց մեղմուել նաեւ այդ քննադատութիւնը:

Ուրեմն բացասական գնահատականների մասնակի փոխարինումը դրականով փոխել է միայն պատմական փաստի գնահատման քաղաքական դիտանկիւնը, մինչդեռ պատմագիտութեան համար ելակէտային նշանակութիւն ունի ոչ թէ այսօր գոյութիւն չունեցող իրականութեան փաստերի` քաղաքական կոնիւնկտուրայից բխող վերաշարադրումը, այլ նախ եւ առաջ` այն հարցի յստակեցումը, թէ որքանո՛վ էր Հայաստանի Հանրապետութեան ձեւաւորումն ու զարգացումը դետերմինացուած որպէս պատմական անհրաժեշտութիւն մի կողմից համաշխարհային պատմութեան ժամանակագրական ուղղահայեացի, իսկ միւս կողմից` 1917-ին փլուզուած ռուսաստանեան կայսրութեան այլ պետական կազմաւորումների հետ համեմատութեան, այսինքն` իրադարձութիւնների զարգացման համաժամանակեայ հարթութեան վրայ: Քանի դեռ մենք չունենք մեր անցեալի համաշխարհային-պատմական ընկալման զոյգ յենասիւների վրայ հիմնուած որոշակի հայեցակարգ, Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութիւնը սոսկ հաճելի կամ տհաճ փաստերի երկու կոյտ է, որոնցից օգտուելու ներկայ գործընթացն առաջնորդւում է ատելութեան հանդէպ սիրոյ չափաբաժնի գերակայութեամբ:

Անշուշտ «երախտապարտ» ենք, որ այժմ Հայաստանի Հանրապետութեան արժեհամակարգը կրողներին աւելի շատ «սիրում են», քան` ատում, բայց որպէս գիտնական` պարտաւոր ենք արձանագրել, որ դեռեւս մեծն Տակիտոսի կողմից մերժուած` ատելութեան կամ սիրոյ վրայ հիմնուող մօտեցումները որեւէ կապ չունեն ճշմարիտ գիտութեան հետ: Գիտնական պատմաբանը` պատմագէտը, առաջնորդւում է ոչ թէ պատմական փաստերի մեքանիկական կրկնութեան միջոցով ներկայի անցեալացման մտասեւեռումով, այլ` անցեալի մարդուն հասկանալու եւ նրա կողմից սերունդների երկխօսութեան սեղանին դրուած պատմութեան գաղափարն ըմբռնելու ցանկութեամբ:

Աւելի՛ն. ներկայի անցեալացմանը զուգահեռ, մեզանում նկատւում է նաեւ Մայիս 28-ի նման առանցքային իրադարձութեան գնահատականը պետութեան ընթացիկ-քաղաքական «պահանջմունքներին» համապատասխանեցնելու միտումը: Իսկ դրա համար սկզբունքօրէն որեւէ նշանակութիւն չունի այս կամ այն տօնակատարութեան իմաստն ու նշանակութիւնը: Կարեւորն այն է, որ լինեն հանդիսաւոր նիստեր, բաժակաճառեր յիշեցնող ելոյթներով ուղեկցւող «ակադեմական գիտաժողովներ» եւ, իհարկէ, առատութեան եղջիւրից թափուող մետալներ:

Ստացւում է, որ մենք այսօր գործ ունենք «գիտական» արխայիզմի ու պաշտօնական «մոտեռնիզմի» զոյգ ծայրայեղութիւնների տեսքով դրսեւորուող մի պրոունեան շարժման հետ, որի փոխբացասող ազդակները Հայաստանի պետական հաստատութիւնների մեծածախս նախապատրաստութիւնները վերածում են կատարեալ քաոսի: Որովհետեւ մի կողմից` իսկապէս առկայ է Մայիս 28-ին ընդառաջ ինչ-որ բան անելու ցանկութիւն, միւս կողմից` բացակայում է տօնակատարութեան իմաստի ու նշանակութեան ըմբռնումը:

Դրան գումարւում է նաեւ այն իրողութիւնը, որ մեզանում այսօր էլ պահպանւում են մի կողմից խորհրդային շրջանում, իսկ միւս կողմից էլ` սփիւռքում ձեւաւորուած` տօնակատարութիւնների ստանդարտ օրակարգերը: Մինչդեռ մենք արդէն քառորդ դար պետական օրակարգով ապրող ազգ ենք, որը պարտաւոր է միաձուլել դրանք` իրենց պետական ձեւի ու ազգային բովանդակութեան մէջ: Առաջինը ենթադրում է, որ պետութիւնն ինքը պէտք է բոլորիս հրաւիրի իր 100-ամեակը նշելու հանդիսութեանը, իսկ երկրորդը պահանջում է, որ առաջիկայ տօնակատարութիւնների գաղափարական բովանդակութիւնը արտացոլի Մայիս 28-ի քաղաքական խորհրդին տէր կանգնելու յանձնառութիւնը:

Եւ այս զոյգ անհրաժեշտութիւնների գիտակցման պարագայում բացայայտւում է այն տխուր իրողութիւնը, որ Մայիս 28-ին ընդառաջ կատարուող քայլերն արտացոլում են մեր ներկայ պետական կեցութեան եւ ազգի պատմական յիշողութեան անհամապատասխանութեան փաստը: Հայաստանում այսօր փաստօրէն առկայ են Մայիս 28-ի իմաստի ու նշանակութեան միանգամից մի քանի ընկալումներ, որոնք արտացոլում են պետական պաշտօնէութեան, դէպի ուժի արտաքին կեդրոնները կողմնորոշուած քաղաքական խմբերի, ինչպէս նաեւ այդ միջոցառումներն իբրեւ «ինտելեկտուալ տուրիզմով» զբաղուելու առիթ դիտարկող գիտնականների տրամադրութիւնները: Մինչդեռ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը յարմարագոյն առիթ է` մեր անցեալի շուրջ ծաւալուող բանավէճերն ու քննարկումները «Հազար ու մի գիշերուայ» մղձաւանջի վերածելու փոխարէն` մի պահ արժանապատուօրէն կանգ առնելու եւ ստեղծուած իրավիճակը յաղթահարելու մասին մտածելու համար:

Մայիս 28-ի շուրջ մեզանում բախուող ազդակների համադրումն ու յաղթահարումն աւելի բարդ գործ է, քան` սեփական ընդդիմախօսի հանդէպ «փայլուն յաղթանակը», որովհետեւ պահանջում է յաղթել ոչ թէ դիմացինին, այլ` ինքն իրեն: Իսկ դրա համար պարտաւոր ենք առաջնորդուել այն յստակ համոզմունքով, որ հայ ազգի բոլոր զաւակների համար, որտեղ էլ նրանք բնակուեն, 2018 թուականի Մայիս 28-ը հայոց պետականութեան վերականգնման 100-ամեակն է, որը, ի տարբերութիւն նախորդ միապետութիւնների, իբրեւ հանրապետական վարչակարգ` իրենով խորհրդանշում է ոչ միայն մեր անկախութեան, այլեւ ազատութեան օրը: Աւելի՛ն. Մայիս 28-ը եղել ու մնում է ոչ միայն ազատ ու անկախ, այլեւ միացեալ Հայաստանի առարկայական խորհրդանիշը:

Ուստի Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակն այն հանդիսաւոր պահն է, երբ տարածաշրջանում արձանագրուող հիմնարար յեղաբեկումները հրամայաբար պահանջում են նրանով իմաստաւորուող հայոց պատմութեան գաղափարը փոխակերպել մեզ դէպի ապագայ առաջնորդող ազգային գաղափարի:

Ուրեմն`

1.- 2018 թ. մայիս 28-ին Հայաստանը որպէս պետութիւն` պարտաւոր է ողջ աշխարհին յիշեցնել, որ ինքը, 1918 թուականին վերանկախանալով իբրեւ 1878 թուականից միջազգային դիւանագիտութեան օրակարգ մտած Հայկական հարցի իրաւատէր, շարունակում է պահպանել նրա բուն առարկայի` Արեւմտեան Հայաստանի հանդէպ իր իրաւունքները: Իսկ դրա համար 2018 թուականի մայիսի 28-ից մինչեւ 2019 մայիսի 28-ը հարկաւոր է հռչակել Հայաստանի Հանրապետութեան միամեակ:

2.- Այդ նպատակով ժամանակին խորհրդային շրջանում կամ սփիւռքում կազմակերպուած ստանդարտ տօնակատարութիւնները կրկնելու փոխարէն` մենք պարտաւոր ենք վերադառնալ մեր ակունքներին` Հայաստանի Հանրապետութեան կողմից ժամանակին որդեգրուած, բայց խորհրդային ու սփիւռքեան իրողութիւնների պայմաններում մոռացուած արարողակարգերին, մասնաւորապէս` 1919 թուականի մայիսի 28-ին նշուած Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին տարեդարձի հանդիսութիւնների ազգային բովանդակութեանը:

3.- Համապատասխան տեղեկատուական դաշտի ձեւաւորման պարագայում, դա հնարաւորութիւն կը տայ ապահովել Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի ոգեկոչման արարողութիւնների քաղաքական բովանդակութեան ճշգրիտ ընկալումը միջազգային հանրութեան կողմից, որի առանցքում պէտք է դրուած լինի Սան-Ռեմո-Սեւր-Վ. Ուիլսընի Իրաւարար վճիռ շղթայում ամրագրուած` Արեւմտեան Հայաստանի իրաւատիրոջ իրաւունքների անժամանցելիութեան գաղափարը:

4.- Իսկ մեր երկրի ներսում պարտաւոր ենք ցուցահանդէսների, հաղորդումների, դասախօսութիւնների եւ գիտաժողովների միջոցով Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր հայրերի անանց գաղափարաքաղաքական ժառանգութիւնը դնել անկախութեան ներկայ սերնդի առջեւ ու ապահովել յաջորդական սերունդների այնպիսի երկխօսութիւն, որում առաջինի ապրած կեանքի գրքային պատմութիւնը մեր աչքերի առջեւ նորից փոխակերպուի երկրորդի կենդանի յիշողութեան:

5.- Դրա համար հարկաւոր է սերունդների յիշողութեան շղթայի վերականգնման միջոցով գտնել արտաքուստ միայն նեղ-գիտական թուացող այն այժմէական եւ սուր հարցերի պատասխանները, որոնք վաղն անպայման նորից կանգնելու են ներկայ անկախ Հայաստանի երիտասարդ քաղաքացիների առջեւ: Դրանց համառօտ թուարկումն անգամ անհրաժեշտ ու պարտադիր է դարձնում մի այնպիսի գիտաժողով-քննարկումի(3) կազմակերպումը, որը, վերածուելով սերունդների երկխօսութեան հարթակի, Հայաստանի Հանրապետութեան ձեւաւորման, երկուսուկէս տարուան գոյութեան եւ անկման պատճառների բացայայտումով ցոյց կտայ, որ դրանց հիմքում ընկած խորքային օրինաչափութիւններն ու մարտահրաւէրները ներկայ են նաեւ մերօրեայ Հայաստանում ու նրա շուրջը:

1918-1920 թուականների Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութիւնն այն պարզ հայելին է, որի վրայ մէկ առ մէկ երեւում են մեր ներկայ` թուով երկրորդ անկախ պետութեան առջեւ ծառացած բոլոր մեծ ու փոքր մարտահրաւէրները, որոնց յաղթահարման պարագայում միայն մենք կը դառնանք համաշխարհային հանրութեան լիարժէք մասնիկը: Ուրեմն մեզ համար 1918-1920 թուականների Հայաստանի Հանրապետութիւնը ոչ թէ անցեալ է, այլ` մեզանից բռնութեամբ խլուած ապագայ: 1991-ին մենք այդ ապագան վերածել ենք սոսկ տարտամ ու անորոշ ներկայի: Ուստի լիարժէքօրէն անկախ Հայաստանի տեսլականի հանդէպ մեր պահանջատիրական կեցուածքը խոստանում է դառնալ ազգի ու պետութեան կենսունակութեան վկայութիւնը:

Պատմութեան, յիշողութեան ու արդիականութեան մշտանորոգ սահմանագծին գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը պատշաճ կերպով ոգեկոչելու առաջադրանքը ոչ միայն հայոց պետականութեան հասունութեան փորձաքարն է, այլեւ` ողջ հայ ազգի խաթարուած քաղաքական ինքնագնահատականի վերականգնման մեկնակէտը:

————————-

*Ընդունուել է տպագրութեան 20.03.2018:

  1. ՀՀ երեք յաջորդական վարչակարգերի միջեւ ժառանգորդական կապ ստեղծելու նպատակով օգտագործուող «Երրորդ հանրապետութիւն» հասկացութիւնը մեր կամքից անկախ օրինականացում է «Երկրորդ հանրապետութեան» վերածուող Խորհրդային Հայաստանին պարտադրուած Կարսի պայմանագիրը: Ուստի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքների 1920-1921 թթ. խորհրդաթուրքական բռնազաւթման փաստի գիտական գնահատականին վերադառնալու համար «Հայաստանի Հանրապետութիւն» հասկացութիւնն այսուհետեւ օգտագործելու ենք` առանց արհեստական «համարակալումների»: Խմբ:

2.Վասիլի Չապայեւ-Ռուսաստանի քաղաքացիական պատերազմի յայտնի զօրահրամանատար, որի քաջագործութիւնների մէջ հերոսականն ու զաւեշտականը միախառնուած էին մէկը միւսին:

3.«Վէմ» հանդէսը ս. թ. մայիսի 31-ից յունիսի 1-ը Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի «Փարամազ Աւետիսեան» մասնաշէնքի «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» սրահում (Բաղրամեան 40/1) նախաձեռնում է «Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան դասերը (1918-1920 թթ.)» գիտաժողով-քննարկումը` հրաւիրելով մեր բոլոր լրջմիտ գիտնականներին ու մտահոգ հայրենակիցներին: Գիտաժողովի համառօտ յայտագիրը հրապարակուած է «Վէմ»-ի ներկայ համարի դարձերեսին:

28 Մայիս. Մնայունը` Տօն Մարտունակութեան Եւ Ազատատենչութեան

$
0
0

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

«Վարդահեղեղ արշալոյսին» հարիւրամեակն է այսօր:

28 մայիս 1918-ի, Հայաստանի անկախութեան, Հայաստանի պետականութեան վերականգնման, անկախ Հայաստանի հիմնադրութեան հարիւրամեակը:

Նուաճումը, տօնը, կոչեցէք` ինչպէս որ կ՛ուզէք:

Բայց մէկ իրողութիւն անվիճելի է:
28 մայիս 1918-ը հայ մարդու անկախ մտածողութեան յաղթանակի տօնն է աներկբայօրէն:

Պատմական դէպքերը տեղի կ՛ունենան քաղաքական, ռազմական, ընկերատնտեսական ժամանակի պայմաններուն մէջ:

Պատմական դէպքերը կը գնահատուին ժամանակի ու տասնամեակներու ընթացքին:

28 մայիս 1918-էն հարիւր տարի ետք ոչ մէկ բան մնացած է ըսելու «Վարդահեղեղ արշալոյս»-ին մասին:

Լաւն ու վատը, ճշմարիտն ու սուտը, սպիտակն ու սեւը հարիւր տարի զիրար հալածած են:

Ճակատամարտերը` արժեզրկուած,
հերոսները` վարկաբեկուած,
նուաճումները` ոտնակոխուած,
դրօշը, զինանշանը` սրբապղծուած,
պատմութիւնը` նենգափոխուած:
Միակ ճշմարտութիւնը Հայաստանի գոյութեան ճշմարտութիւնն է:
28 մայիս 1918-ը պահեց Հայաստանը:
28 մայիս 1918-ը պահեց ժողովուրդը:
28 մայիս 1918-ը հիմը դրաւ յաջորդող հանրապետութեանց:
28 մայիս 1918-ը սերմանեց Արցախը անկախ հռչակելու հզօրութիւնը:
28 մայիս 1918-ը հայ ժողովուրդի, հայ մարդու ազատատենչութեան, անկախութեան ձգտումի, խիզախութեան, անկիւնադարձային ու պատմադրոշմ, բոլոր ժամանակներու համար անխորտակելի կոթողն է:

28 մայիս 1918-ը 100 տարի ետք ալ, այսօրուան անկախ Հայաստանի անխորտակելի փարոսն է:

Մէկ դար անցաւ, եւ դեռ քննարկումի նիւթ են «աւանթիւրիզմ»-ը, «թրքական նուէր»-ը, «պատմական սխալներ»-ը:

Մինչ այդ արեւը կը շողայ եւ «Վարդահեղեղ արշալոյս»-ը իր ճառագայթները տարածած է Հայաստանի վրայ:

Հայաստանը անկախ է այսօր:
Հայաստանը` մեր բոլորին հայրենիքը կայ այսօր եւ անկախ է, որովհետեւ եղաւ 28 մայիսը:
Որովհետեւ եղան` Սարդարապատ, Բաշ Ապարան ու Ղարաքիլիսէ:
Որովհետեւ եղան Արամ Մանուկեան, Դրօ, Նազարբէկեան, Քեռի, Ռուբէն, Վրացեան եւ հարի՜ւր հարիւր հերոսներ:

Հայաստանը կայ այսօր եւ անկախ է, որովհետեւ 28 մայիս 1918-ին եղաւ համաժողովրդային պոռթկում, համաժողովրդային կռիւ` ընդդէմ թուրքին, ընդդէմ բռնատէրին, ընդդէմ ցեղասպանին:

Եղաւ համաժողովրդային նուաճում անկախութեան ու եղաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն` իբրեւ այդ նուաճման իր բաժինը բերած զինուոր, ֆետայի, սպայ, հրամանատար, Արամ Մանուկեան, նախարար թէ քաղաքապետ ու մանաւանդ` քաղաքացի:

Եղա՛ւ Հայաստանը անկախ, որովհետեւ կար ՀՅ Դաշնակցութեան ոգին, ազատութեան, անկախութեան, ինքնուրոյնութեան ոգին, ազատագրական պայքարի ճամբուն վրայ լաւագոյն ֆետայիներու արեամբ պողպատացած հայո՛ւ անխորտակելի Ոգին:

Հարիւր տարի անցաւ:

Եկաւ խորհրդային վարչակարգ ու անցաւ:
Հայաստան 28 մայիսի ոգիով դարձեալ անկախացաւ:
Հայ մարդու ազատատենչ ու անկախութեան ձգտող ոգին դարձեալ յաղթանակեց:
Նորանկախ Հայաստանի մէջ կատարուեցան փոփոխութիւններ: Պիտի կատարուէին անկասկած ու դեռ պիտի կատարուին վստահաբար:
Պատմութեան ընթացքը այս է, կանգ չ՛առներ:
Բայց պիտի մնայ Ոգին: Հայ մարդու Ոգին:
28 մայիս 2018-ը այդ Ոգիի վերակայտառացման տօնն է:

Նենգափոխումները, դրժումները, բեմադրական դատավարութիւնները, պատասխանատուութեանց բեռնումները, ուրացումները միայն վնաս էին ու վնաս են այսօր եւս:
Հիմնականը միւսն է: Մնայո՛ւնը:
Եւ Հայաստա՛նն է մնայունը:
Հայաստանի անկախութի՛ւնն է մնայունը:
Անկախութեան կերտիչներու աւա՛նդն է մնայունը:
Հայ ժողովուրդի ազատատենչ մարտունակութի՛ւնն է մնայունը:
Այդ մարտունակութեան ողնայարը եղող ազատագրութեան առհաւական արժէքներու ժառանգորդ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խի՛ղճն ու հոգի՛ն, կազմակերպուած ո՛ւժն է մնայունը:
Տեւաբար ժողովուրդին հետ ու ժողովուրդին համար գո՛րծն է մնայունը:
Հայ ժողովուրդի, Հայաստանի ու Արցախի բանա՛կն է մնայունը:

Մնացեալը գնայուն է:
Կիրքն ու ոխը, փտածութիւնն ու վարկաբեկումը, սուտը, վայնասունը, նենգափոխումը, ուրացումը, անհատականը ժամանակաւոր են եւ գնայուն:
Վարչակարգերը եկան ու անցան, իշխանաւորները եկան ու անցան:
Եկան նորերը, պիտի գան տակաւին ուրիշներ ու պիտի անցնին:
Պիտի մնայ 28 մայիս 1918-ը:
Մնաց 28 մայիսը եւ եղաւ Նոր Հայաստան:
Եղաւ 28 մայիս 2018-ը:
Պահենք զայն մեր հոգիով, մեր սրտով, մեր բռունցքով, մեր արիւնով:
Պահենք հայ մարդու ազատատենչութիւնը:
Անկախութեան ձգտումը:
Հայ մարդու գոյութեան արժէքը:
Բոլորիս շնորհաւոր հայակերտ 28 ՄԱՅԻՍը:

 

 

Խմբագրական. Պետականութիւնը Շարունակականութիւն Է (Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին Առիթով)

$
0
0

Հայկական աշխարհը կը նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը: Տարի մը առաջ կազմուած էր 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողով, հիմնականին մէջ միջգերատեսչական ներկայացուածութեամբ: Հայաստանի մէջ իրականացած թաւշեայ իշխանափոխութիւնը պահ մը դիպաշարին հետեւողներուն մօտ յառաջացուց այն մտահոգութիւնը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի ձեռնարկները կրնան ընդհանրապէս տեղի չունենալ, կամ լաւագոյն պարագային` ոչ համարժէք արժանավայելութեամբ տեղի ունենան:

Պետականութեան եւ պետականութենէն ակնկալուած գործառոյթները փաստօրէն կը պահեն իրենց շարունակականութիւնը: Համաժողովրդային շարժման ամէնէն թէժ օրերուն գոյացաւ համակողմանի գիտակցական մօտեցում` Ապրիլ 24-ին ցոյցերը, ճամբաները փակելը եւ առհասարակ քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումի դրսեւորումները առկախելու եւ ազգովին, համաժողովրդային տարողունակութեամբ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը կատարելու:

Հիմա ակներեւ են նախադրեալները` նախորդ վարչակարգի նախաձեռնած ծրագիրները իրականացնելու:

Այսպէս. դէպի Սարդարապատ, Ղարաքիլիսէ եւ Բաշ Ապարան երթեր, համերգներ, փաստաթուղթերու, արխիւներու ցուցահանդէսներ, մշակութային տարբեր բնոյթի ձեռնարկներ եւ մանաւանդ գիտաժողովներ կու գան կազմելու Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու շարքը:

Պետական, ակադեմական եւ ընդհանրապէս քաղաքագիտական շրջանակներու մօտ համոզում կայ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը չի սահմանափակուիր ընթացիկ տարուան կտրուածքով:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կեանքի տեւողութիւնը երկուքուկէս տարի էր, հետեւաբար 100-ամեակի նշումները կրնան տարածուիլ մինչեւ 2021: Երկուքուկէս տարուան ժամանակամիջոցին տեղի ունեցաւ բազմաթիւ իրագործումներ, որոնց վերարծարծումն ու անոնց արդի նշանակութիւն տալը օգտակար կ՛ըլլայ պատմութենէն դասեր քաղելու եւ հետագայ գործունէութիւնները նախանշելու առումով:

Շատ ընդհանուր գիծերու մէջ մենք կը խօսինք խորհրդարանական համակարգի, օրուան պայմաններու նկատառումով ժողովրդավարական կարգերու հաստատման, պետական-դիւանագիտական կեանքին մէջ կիներու մասնակցութեան երեւոյթին, բայց նաեւ բանակաշինութեան, համախմբման, օրհասական-ճգնաժամային իրավիճակներու դիմակայման եւ ամէնէն ճնշող ու պարտադրուող կացութիւններու մէջ կարելին, եթէ ոչ անկարելին իրականացնելու փայլուն կատարողականութեան մասին:

Անձեւէն ձեւաւորուող քաոսային պայմաններու մէջ իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչները կ՛առաջադրէին արտերկրի հայութիւնը պետական գործին մէջ ներգրաւելու անհրաժեշտութեան գաղափարը: Այսօր այդ առաջադրանքը կը վերահնչէ այժմէական շեշտերով: Պետականութիւնը շարունակականութիւն է: Անիկա առաջնային կարեւորութեամբ ազգի շարունակականութեան գլխաւոր երաշխիքն է:

Այդ երաշխիքին հիմնաքարը 100 տարի առաջ կերտուած Հայաստանի Հանրապետութիւնն է:


Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրոյ Հիւղակը

$
0
0

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ

Ոսկի վառ շողեր ամպերու մէջէն
Իմ սիրոյ ճամբան կը լուսաւորեն.
Ու ես կը քալեմ սիրոյ սրտին մէջ`
Հետեւելով այդ շողերուն անշէջ:
Հոն կայ լռութիւն, շրթներ անշշուկ,
Այտերու վրայ պագեր անաղմուկ:
Հոն կանաչ աչքեր կ՛երազեն արթուն:
Վարդեր կը բուրեն բոսոր, թաթաւուն:
Կը տեսնես նաեւ գետակի ափին
Հիւղակը սիրոյ` ծառերու շուքին:
Իմ երազը այս ամպերուն մէջէն
Ոսկի վառ շողեր ինծի կը պատմեն:

Լիբանան

Ստացուած Գիրքեր. Լուսարձակի Տակ (Հեղինակ` Երուանդ Քասունի)

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պէյրութի մէջ 2017-ին լոյս տեսաւ Երուանդ Հ. Քասունիի «Լուսարձակի տակ. անհաճոյ ըլլալու գաղտնիքը» հատորը, բաղկացած` 328 էջերէ:

Ներածականին մէջ Քասունի կ՛ըսէ, որ եռեւեփող աշխարհի այս դարուն մէջ հայ ժողովուրդը կը մնայ իր դարաւոր տագնապով, գոյապահպանումի պայքարով, յոյսերով, յուսախաբութիւններով, բայց միշտ լուսապայծառ ապագայի երազով: Համաշխարհայնացումի խաղին մէջ հայուն աշխարհը կը մնայ Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը:

Գիրքը բաղկացած է շարք մը բաժիններէ, յօդուածներէ եւ յաւելուածական բաժինէ մը:

Քասունի կ՛ըսէ, որ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի սեմին, երբ բազմաստիճան ու բազմագոյն ամպիոններէ կը բարձրանայ պահանջատիրութեան ձայնը, ոչ ոք կը համարձակի ըսել, թէ ո՞վ է ներկայացուցչական հանգամանքով լիազօրուած պահանջողը, ի՞նչ է պահանջուածը. բայց մանաւանդ ի՞նչ է պահանջքի պատմական, իրաւական, աշխարհաքաղաքական հիմքը: Անտարակուսելի է, որ իրաւական պահանջատէրը իր բնօրրանէն բռնագաղթուած, տարագիր արեւմտահայն է, որ այսօր սփիւռք կոչուած մեծ առեղծուածային զանգուած կը կազմէ: Բայց դժբախտաբար, դէմ առ դէմ Հայ դատի ու պահանջատիրութեան, այդ զանգուածը` միահամուռ ըլլալու երեւոյթը պարզելով հանդերձ, կը մնայ բազմագլուխ, բազմածրագիր ու բազմանպատակ:

Հեղինակը կը նշէ, որ պահանջատիրութիւնը հետապնդելու ճանապարհին, ոչ մէկ հայ կրնայ եւ իրաւունքը ունի` Հայաստանի պետութեան դերն ու կարեւորութիւնը անտեսելու, կամ` ուրանալու: Ընդհակառակը: Հոն կայ ու պիտի մնայ անոր ներկայութեան պահանջը: Այսօր, Հայաստանի պետական կառոյցը, ստեղծած միջազգային յարաբերութիւնները, աշխարհով մէկ հաւատարմագրուած դեսպանութիւնները անփոխարինելի լծակներ են` պահանջատիրութեան լրջութիւն ու կշիռ տալու:

Պահանջատիրութիւնը մէկ բովանդակութիւն ունի` հողը, բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանն ու Հայկական Կիլիկիան: Պահանջը մէկ է ու ամբողջական` մինչեւ անխուսափելի սակարկութեան սեղանը, ուր պահանջին քաշն ու կշիռը իրաւատիրոջ սակարկելիին հասանելիութիւնը կ՛ամրապնդէ:

Քասունի կը գրէ, որ վերջին տասնամեակին բառին ամբողջական իմաստով համազգային տարողութիւն ունեցող միակ նախաձեռնութիւնը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամն էր: Աղիտալի երկրաշարժին զգաստացնող ցնցումին տակ, ու Հայաստանի անկախութեան ճամբուն վրայ առած իր առաջին քայլերուն հետ, հայրենակերտումի համար ծրագրուած աշխատանքը հրապուրիչ էր, եւ անսակարկ նուիրումի ու ծառայութեան հրաւիրող:

Քասունի կը շարունակէ ըսելով, որ հայրենակերտումը պայմանաւորուած է հայակերտումով: Սփիւռքահայ գաղութներու առաջին պարտականութիւնն է հայակերտումն ու հայապահպանումը: Իրենց այդ առաքելութեան մէջ անոնք իրաւունք չունին խնայողութիւն կատարելու, եւ «հայրենիք հասնելու» պատրուակին տակ գաղութը անտեսելու, արհամարհելու կամ մոռացութեան մատնելու: Հայրենիքի կարիքներուն հասնելու համար ոչ ոքի շնորհուած է իրաւունքը` մոռնալու սփիւռքի կարիքները:

Համատեղ աշխատանքը նաեւ կ՛ենթադրէ հայրենաբնակ հայութեան մասնակցութիւնը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ոչ միայն կազմակերպական աշխատանքներուն, այլեւ` ներդրումին:

Քասունի կը գրէ, որ պատմութիւնը անպայման ինքզինք չի կրկներ, բայց շատ յաճախ պատմութեան թատերաբեմ նետուած դերակատարները երբ ներշնչումը ունենան աշխարհի ճակատագիրը որոշելու, կամ իրենց իսկ ստեղծած աստուածներէն պաշտօն ստանձնեն երկրագունդը նորովի կաղապարելու, անոնք ընդհանրապէս զիրար կրկնող ռազմաքաղաքական ուղեգիծ ու ծրագիր կ՛որդեգրեն, ուր նպատակը կ՛արդարացնէ միջոցը, եթէ մինչեւ իսկ գետերը արիւն հոսին ու ժողովուրդները ճատրակի քարի պէս տապալին:

Հեղինակը կը նշէ, որ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները առողջ հիմերու վրայ դնելու համար անհրաժեշտ է նաեւ սեղան բերել ու լուրջ ուսումնասիրութեան ու քննարկումի նիւթ դարձնել Հայաստան-սփիւռք թղթածրարը, որ 1914-1920 տարիներէն մինչեւ այսօր, բազմաթիւ նոր թղթապանակներով ծանրաբեռնուած է: Քաջութիւն եւ յանձնառութիւն պէտք է ունենալ` բանալու այդ թղթածրարը: Չսպիացած վէրքեր կան եւ նետուած վիրաւորանքներ:

Հայաստանի եւ սփիւռքի սպառնացող կրթական, մշակութային, հասարակական, տնտեսական, քաղաքական ու ռազմական մարտահրաւէրները կարելի չէ դիմակալել ճառերով: Պէտք է շարունակել խորհրդաժողովները, բայց այլ մակարդակի վրայ: Խորհրդաժողովները պէտք է գումարել մասնագիտական բնագաւառներու ծիրէն ներս միայն, դարուն մասնագիտական պահանջներուն համաձայն, որ ամէն բանի առաջ գիտական լրջութիւն կը պահանջէ, նախապատրաստական աշխատանք, եւ տրամաբանական թիւով մասնակիցներուն` ամիսներ առաջ տրուած աշխատանքի ծրագիր:

Քասունի կը գրէ, որ «անկախութեան» հմայքը բառին մէջ է միայն: Գործնական անկախութիւնը` հազար հանելուկի պատասխան գտնելու լարուած փորձ է, եւ հազար Գորդեան հանգոյց քակելու շնորհուած կամ շահուած իրաւունք: Որո՞ւն գաղտնիք է, որ պատմութեան մէջ անկախութիւնը միշտ ալ եղած է բառարանի բնակիչ, ուրկէ դուրս ան երբեք չէ յաջողած իր կարողական զօրութեամբ դրսեւորել ինքզինք: Ու եթէ հզօրն ու գերհզօրները փորձած են զայն դուրս բերել բառարանէն ու տարածել իրենց հասակին ու թիկունքին չափերով, նոյն պահուն իսկ անկախութիւնը սկսած է կախուած մնալ տեսանելի ու անտեսանելի հազար կապէ ու կապանքէ: Բոլոր շնորհուած ու շահուած անկախութիւնները իրենց վճարելիք պարտամուրհակները ունին: Ու որքան մեծ է շնորհուած կամ շահուած անկախութիւնը, այնքան մեծ են պարտամուրհակները, որ կը նշանակէ` այնքան բազմազան ու բազմաթիւ են կապերն ու չուանները, որոնցմէ կախուած է անկախութիւնը: Խօսելով հայ դպրոցի մասին Քասունի կ՛ըսէ, որ հայ դպրոցին եւ ընդհանրապէս աշխարհի տարածքին գործող որեւէ դպրոցի առաջին պարտաւորիչ առաքելութիւնը մարդակերտումն է: Մարդը` իր հաւատքով, բարոյական չափանիշներու տիրացումով, մարդկային կեանքի արժեչափերով, մարդկային յարաբերութիւններու արդարամիտ ուղեցոյցներու սեփականացումով, իբրեւ մարդ` ազգին, ընկերութեան, երկրին, հողին, աշխատանքին հանդէպ զաւկի երախտագիտութեամբ պարտաւորութիւններու գիտակցումով: Հայակերտումը բնական շարունակութիւնն է մարդակերտումին:

 

 

Ստացուած Գիրքեր. «Պանդուխտ» (Հեղինակ` Եղիա Ճէրէճեան)

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պէյրութի մէջ 2018-ին «Հրասիրտները» մատենաշարով լոյս տեսաւ Եղիա Ճէրէճեանի «Պանդուխտ» (Միքայէլ Սերեան) հատորը, բաղկացած` 238 էջերէ: Նախաբանը գրած է պատմական գիտութիւններու դոկտոր Վահան Մելիքեան:

Պանդուխտ` Միքայէլ Սերեան ծնած է Մշոյ դաշտի Յունան գիւղին մէջ: Թրքական եւ քրտական հորդաներու կողմէ ծննդավայրին աւերումէն ետք, 1904-ին, դարձած է ֆետայի:

Սասունէն հեռանալէն ետք  անցած է Անդրկովկաս եւ մասնակցած 1905-ի հայ-թաթարական կռիւներուն: 1906-ին փոխադրուած է Պուլկարիա, ուր ստացած է զինուորական կրթութիւն:

Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, 1908-ին անցած է Նիկոմիդիա, ուր յեղափոխական շունչով սերունդ դաստիարակած է: Յետոյ գաղթած է Ամերիկա:

Առաջին Համաշխարհային պատերազմի բռնկումէն ետք, 1914-ին, կամաւոր արձանագրուած է եւ միացած Զ. գունդին: Գունդը տեղակայուած է Օլթիի շրջանին մէջ եւ ռուսական բանակի կողքին մասնակցած ռազմական գործողութիւններու, մղելով ծանր մարտեր: Գունդի թիւը հետզհետէ աճած է եւ հասած հազարի, բաժնուելով երկու վաշտի` Ա. եւ Բ., իւրաքանչիւրը` 500 կռուող, որոնցմէ հարիւրը` ձիաւոր: Գունդը մտած է զօրավար Բարաթովի հրամանատարութեան տակ գործող Կովկասեան առաջին բանակի կազմին մէջ:

1915-ի ապրիլին փոփոխութիւններ կատարուեցան Ազգային բիւրոյին կազմած կամաւորական գունդերու կառոյցէն ներս: Կամաւորական Բ., Գ., Դ. եւ նորաստեղծ Ե. գունդերուն միացումով ստեղծուեցաւ Արարատեան գունդը` Վարդանի հրամանատարութեան տակ: Գունդերուն վերադասաւորումը տեղի ունեցաւ, որպէսզի աւելի մեծ կազմով կամաւորական գունդը կարենայ աւելի լայն ծաւալի զինուորական գործողութիւններ կատարել: Նոր դասաւորումէն զերծ մնացին Անդրանիկի գլխաւորած Ա. գունդը, որպէսզի Ազգային բիւրոն Արարատեան գունդի հրամանատարի պաշտօնին հարցով անոր հետ խնդիրներ չունենայ, եւ Զ. գունդը, որովհետեւ Ազգային բիւրոյին կողմէ չէր ճանչցուած:

Պանդուխտ Զ. գունդին հետ մասնակցեցաւ թրքական բանակներուն դէմ մղուող  ճակատամարտերու երկար շղթային: Թրքական բանակը նահանջեց դէպի Էրզրում եւ ապա` Երզնկայէն անդին:

Մինչեւ Էրզրում ռուսական բանակի կողքին Զ. գունդը արձանագրեց յաղթանակներու շարք մը, որոնց մէջ կարեւոր կը նկատուի Էշակ Էլեազ գիւղին յաղթանակը: Հոն հաստատուեցաւ Զ. գունդէն մաս մը: Թշնամի բանակը մօտիկ ըլլալով` փորձեց անակնկալ յարձակողականով հայ կամաւորները հեռացնել այդ դիրքերէն: Հայ մարտիկները ոչ միայն լաւապէս պաշտպանեցին դիրքը, այլեւ թշնամիէն գերիներ վերցուցին:

Էրզրումի գրաւումէն ետք, կամաւորական Զ. գունդը շարունակեց մասնակցիլ յառաջացող ռուսական բանակի մղած կռիւներուն:

Այնուհետեւ ռուսական բանակի հրամանատարութիւնը լուծեց հայկական կամաւորական գունդերը եւ անոնցմէ ռուսական բանակին մէջ կազմեց հայ սպաներու հրամանատարութեան տակ գործող հրաձգային գումարտակներ: Կազմուեցան վեց հրաձգային գումարտակներ:

Հրաձգային Ա. գումարտակի կազմին մէջ, Պանդուխտի շուրջ համախմբուած Զ. գունդի նախկին կամաւորները իրենց մարտական երթը շարունակեցին Էրզրումի ճակատին վրայ: Առաջին Երզնկա մտնողներէն էր Պանդուխտ:

Ռուսական յեղափոխութենէն ետք թրքական բանակը յարձակման անցաւ: Անդրանիկի կողմէ Պանդուխտ նշանակուեցաւ երկրապահ զօրամասի «զօրահաւաք»` հարիւրապետի աստիճանով: Անոր պարտականութիւնն էր զօրահաւաք կազմակերպել, նոր զինուորներ զինել եւ անոնց հետ մարզումներ կատարել:

Պանդուխտի հրահանգուեցաւ, իբրեւ հետախոյզ-յառաջապահ, դիրքաւորուիլ Սարըղամիշի պաշտպանութեան ամէնէն առաջաւոր դիրքերէն Օլթիի շրջանին մէջ: Թրքական ուժերուն հետ մարտի բռնուելով, Պանդուխտ նահանջեց դէպի Բարթուզ: Սարըղամիշի անկումէն ետք Պանդուխտ հայկական նահանջող ուժերուն չկրցաւ հասնիլ եւ գրեթէ միայնակ թրքական բանակի թիկունքին կռիւներ մղելով ուղղուեցաւ Ալեքսանդրապոլ:

Պանդուխտ գործօն մասնակցութիւն բերաւ Սարդարապատի հերոսամարտին, յանդուգն յարձակողականներ կազմակերպեց եւ հալածեց խուճապահար փախուստի դիմող թշնամին:

Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք Անդրանիկ ստանձնեց Զանգեզուրի ինքնապաշտպանութիւնը: Պանդուխտ իր զինակիցներով միացաւ Անդրանիկի առանձին հարուածող զօրամասին:

Պանդուխտ նշանակուեցաւ Ղափանի եւ Մեղրիի մէջ գործող զօրամասի հրամանատարներէն: Կարճ ժամանակ մը Ղափան հաստատուելէն ետք ան տեղափոխուեցաւ Մեղրի:

Անդրանիկ ընդառաջելով Արցախի հայ բնակչութեան փափաքին, շարժեցաւ դէպի Արցախ: Անդրանիկի զօրքերը թուրք, թաթար եւ քրտական ուժերուն հետ ծանր մարտերու բռնուեցան: Այս ընդհանուր յարձակողականի ընթացքին Պանդուխտ նախաձեռնեց Զանգեզուրի թաթարական վտանգաւոր որջերը հնազանդեցնելու արշաւը: Պանդուխտ կ՛ըմբռնէր, որ Անդրանիկ եթէ աւելի մխրճուի Ղարաբաղի խորերը եւ կապուած մնայ այնտեղի զինուորական իրադարձութիւններուն հետ կամ զինուորական ձախողութիւններու հանդիպի, Զանգեզուրի համար վտանգ կրնային դառնալ թաթարական զինեալ գիւղերը: Պանդուխտի մօտ կար նաեւ վրէժխնդրական զգացում. ան չէր ուզեր անպատիժ ձգել այն աւազակախումբերը, որոնք Կապանի Գեղուայ ձորին մէջ անխնայ կերպով ջարդած էին Նախիջեւանէն Զանգեզուր ընթացող, իրենց ճամբան շփոթած երկու հազար անօգնական հայ գաղթականները:

Ռազմական նախաձեռնութիւնը իր ձեռքը վերցնելով, Պանդուխտ արագ յարձակողականներով մէկը միւսին ետեւէն չէզոքացուց ու վտանգազերծեց հարաւային Զանգեզուրի թաթարական շատ մը զինեալ համախմբումները:

Երբ հայկական ուժերը Ղարաբաղի սահմաններուն վրայ եւ Զանգեզուրի մէջ յաղթանակներ կ՛արձանագրէին, Պաքու տեղակայուած անգլիական բանակներու ընդհանուր հրամանատար զօրավար Թոմսընի պատուիրակները գնդապետ Կիպոնի գլխաւորութեամբ Անդրանիկի զինադադար առաջարկեցին, այն հիմամբ, որ պատերազմը վերջացած է, Թուրքիա ընդունած է իր պարտութիւնը եւ վիճելի հարցերը խաղաղութեան վեհաժողովին պիտի լուծուին: Անդրանիկ դադրեցուց դէպի Ղարաբաղ յառաջխաղացքը եւ վերադարձաւ Գորիս: Ան Զանգեզուրի ազգային խորհուրդներուն միջոցով կռուող բոլոր ուժերուն հրահանգեց դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները:

Զինեալ պայքարը դադրեցնելէ ետք Պանդուխտ վերադարձաւ Երեւան: Իր կարգին Անդրանիկ իր զէնքերը յանձնեց Գէորգ Ե. կաթողիկոսին եւ հեռացաւ Հայաստանէն:

Պանդուխտ մահացաւ 1919-ի վերջաւորութեան կամ 1920-ի սկիզբը:

 

 

 

Անդրադարձ. Սարիղամիշի Մէջ 1918-ին –Ա.

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Սիմոն Վրացեանի այս յուշագրութիւններու շարքը (1) ընթերցողը կը տանի 1918-ի անկախութեան ժամանակաշրջանը` միջավայրը, ժողովուրդին եւ Թիֆլիս բնակող ղեկավարութեան առօրեային մասին պատկերներ կը ներկայացնէ, յատկապէս ահաւոր դժուարին պայմաններու տակ գտնուող զինուորականներուն ռազմական-բարոյական իրավիճակը` ռուսական բանակին անկանոն նահանջէն ետք, ականատեսի երբեմն հեգնական երանգով շեշտուած նկարագրութիւններով (արեւմտահայերէնի վերածուած):

«Այդ տարի` 1918-ին, Հայաստանի ձմեռը առանձնապէս սաստիկ էր: Նոր տարին սկսաւ խիստ ցուրտով, բուք ու բորանով: Կարսէն, Կարինէն, Երզնկայէն, Մուշէն, ամէն կողմէն մարդու արիւնը սառեցնող լուրեր կը հասնէին ձիւնամրրիկներու, հաղորդակցութեանց գիծերու խանգարման, որբանոցներուն, զօրքին ու գաղթականներուն քաշած նեղութիւններուն մասին:

Սարիղամիշի լեռները ձմրան

Միաժամանակ ռազմաճակատի ու թիկունքի հրամանատարական կազմէն եւ քաղաքացիական իշխանութենէն հեռագրական յամառ պահանջներ կը հասնէին` աղերսարկու կամ սպառնական, ըստ հեռագրողի խառնուածքին, որ հայոց Ազգային խորհուրդի անդամները այցելեն ռազմաճակատ եւ մերձակայ վայրերը` զինուորներուն եւ ժողովուրդին տրամադրութիւնը բարձրացնելու համար: Թիֆլիսի մէջ ձմեռը հաճելի էր. ձիւն չկար, օդը մեղմ էր եւ արեւի առատ ճառագայթները կ՛ողողէին մեծահարուստ Տէր Մարգարեանի (Միքայէլ Արամեա՞նց (2), ՅՉ) շէնքը Գոլովինսքի (այժմ` Ռուսթաւելի) պողոտային վրայ, ուր հայոց Ազգային խորհուրդը տեղաւորուած էր:

Ամէն առաւօտ կանաչ մահուդով (ռուս. կտաւի տեսակ) ծածկուած մեծ սեղանին շուրջ կը հաւաքուէին Ազգային խորհուրդի անդամները: Սեղանին գլուխը կը նստէր նախագահ Աւետիս Ահարոնեանը, անոր ձախ կողմը` նախագահի օգնական Տիգրան Բէգզադեանը, աջ կողմը` Մոսկուայի կոմիտէի նախագահ եւ այժմ հայոց Ազգային խորհուրդի զինուորական գործերու վարիչ Ստեփան Մամիկոնեանը: Ապա` անոր օգնական Ռուբէն Տէր Մինասեանը, քարտուղար Յակոբ Քոչարեանը, սոցիալ-դեմոկրատ Արամայիս Երզնկեանը եւ ուրիշներ: Այդ ժողովներուն յաճախ ներկայ կ՛ըլլայի ես` իբրեւ «Հորիզոն» օրաթերթի խմբագիր, Սէյմի անդամ եւ չեմ գիտեր` ինչ:

Նախագահը կը բանար ժողովը: Քոչարեանը կը կարդար վերջին նամակներն ու հեռագիրները: Ներկաները կը հաղորդէին իրենց ունեցած տեղեկութիւնները օրուան անցուդարձներուն մասին: Տեղի կ՛ունենար միտքերու փոխանակում: Ապա թէյ կը բերէին սպիտակ հացով եւ կարագ-պանիրով: Դուրսը դժուարութեամբ մթերք կը ճարէին, բայց  հայոց Ազգային խորհուրդը առատ թէյ ու շաքար ունէր: Եւ այնպէս հաճելի էր տաք եւ անուշ թէյը սպիտակ հացով ու կարագ-պանիրով, մանաւանդ` Հայաստանի սառնամանիքներուն եւ գաղթականներուն տառապանքներուն մասին հեռագրական լուրերէն ետք:

Թէյին կ՛ընկերանային զուարճալի մանրավէպեր: Ահարոնեանն ու  Բէգզադեանը աննման պատմողներ էին, իսկ երբ անոնց կը միանար Գիգա Խատիսեանը, կարելի էր ժամերով կախուած ըլլալ անոնց շրթունքներէն: Ուստի, բնաւ զարմանալի չէր, որ  հայոց Ազգային խորհուրդը միշտ «վաղուան նիստին» կը յետաձգէր ռազմաճակատ այցելելու հարցը:

Վերին Սարիղամիշը 1916-ին

Եթէ յիշողութիւնս չի դաւաճաներ, զօրավար (Թովմաս) Նազարբէկեանի կտրուկ հեռագիրին վրայ էր, որ, վերջապէս, «վաղուան նիստը» հասաւ. ռազմաճակատի կացութիւնը աւելի քան սպառնական էր: Անհրաժեշտ էր «բան մը» ընել: Ի՞նչ բան. անհրաժեշտ էր նախ սեփական աչքով տեսնել եւ ուսումնասիրել իրական կացութիւնը` ընելիքը որոշելու համար: Որոշուեցաւ` հայոց Ազգային խորհուրդը անմիջապէս պէտք է մեկնի Ալեքսանդրապոլ (այժմ` Գիւմրի), ուր կը գտնուէր զօրավար Նազարբէկեանի սպայակոյտը, այնտեղէն Կարս ու Սարիղամիշ` Եղէգնիկ:

5 մարտ 1918-ին մութ երեկոյ մըն էր, երբ խումբով մտանք հայոց Ազգային խորհուրդին յատկացուած գնացքի վակոնը: Ներկայ էին` Աւետիս Ահարոնեանը, Տիգրան Բէգզադեանը, Ստեփան Մամիկոնեանը, Նիկոլ Աղբալեանը, Ռուբէն Տէր Մինասեանը, Արեւմտահայ խորհուրդի նախագահ Վահան Փափազեանը (Կոմս) եւ ես` Սէյմի լիազօրագիրը գրպանս: Երկաթուղային վարչութիւնը փաստօրէն վրացիներուն ձեռքն էր, եւ անոնց վերաբերումը` վրդովեցուցիչ:

Վարչապետ Ալեքսանտր Խատիսեան կ՛ընդունի հայկական պատուոյ զօրախումբը ազատագրուած Սարիղամիշի կայարանին մէջ 1919-ին:

Հայոց Ազգային խորհուրդի նախագահին տրամադրութեան տակ վարչութիւնը դրած էր երրորդ կարգի վակոն մը` ջարդուած ապակիներով, կոտրտուած նստարաններով եւ աղտո՜տ: Ահարոնեանին զայրոյթը անսահման էր: Ան կ՛ուզէր առ որ անկ է բողոքել: Խիստ վրդոված էր նաեւ Բէգզադեանը, որ հայ-վրացական բարեկամութեան ջատագով էր: Ստեփան Մամիկոնեանը իր պաղ փիլիսոփայութեամբ հանդարտեցուց զանոնք, եւ հետզհետէ զանոնք իրողութեան հետ հաշտուեցան:

Այն ժամանակ հայ եւ վրացի ղեկավարութեան յարաբերութիւնները  այդպէս էին: Վրացիները աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ էին եւ առիթ չէին փախցներ վիրաւորելու հայերուն արժանապատուութիւնը (պէտք է նշել, որ շուրջ 400 հազար հայեր, ընդհանրապէս բարեկեցիկ եւ քանի մը մեծահարուստ կ՛ապրէին Վրաստանի մէջ, ՅՉ):

Ուշ գիշեր էր, երբ մեր գնացքը շարժեցաւ: Մեզի հետ էին, առանձին վակոնով, Հայ զինուորական միութեան անդամները Արսէն Շահմազեանի գլխաւորութեամբ: Անոնք ալ չափազանց վրդոված էին վրացիներուն անիրաւութենէն. գոնէ երեսանց քաղաքավարութեան համար երկաթուղիի իշխանութենէն անձնաւորութիւն մը պէտք էր գար հայոց Ազգային խորհուրդին բարի ճանապարհ մաղթելու…

Ալեքսանդրապոլի մէջ ընդունելութիւնը ջերմ էր: Զօրավար Նազարբէկեանին եւ սպայակոյտին հետ խորհրդակցելէ եւ պաշտօնական այցելութիւններէն ետք, խորհուրդը Կարս մեկնեցաւ: Մեզի միացան նաեւ զօրավար Նազարբէկեանը իր սպայակոյտով եւ` Վահան Նաւասարդեանը, որ այն ժամանակ, եթէ չեմ սխալիր, տակաւին Ալեքսանդրապոլի քաղաքապետին` Ալեքսանտր Խատիսեանի օգնականն էր:

Եկատարինէ ցարուհիին Սարիղամիշի ամարանոցը սոճիի անտառներուն մէջ

Ջերմ էր ընդունելութիւնը նաեւ Կարսի մէջ: Բերդապահ զօրավար Դէյեւը եւ իր օգնական Միշա Արզումանեանը ցոյց տուին բերդին ամրութիւնները, լաւ ճաշով եւ գեղեցիկ ճառերով ու վառ յոյսերով մեզ ճամբու դրին դէպի Սարիղամիշ, ուր կը գտնուէր ռազմաճակատի հրամանատար զօրավար (Միշա՞, ՅՉ) Արէշեանի սպայակոյտի կեդրոնը (պէտք է նշել, որ յեղափոխութեան պատճառով կարգ մը ռուս զինուորականներ ճակատը չլքեցին կամ յեղափոխութեան կողմնակից չէին, եւ կամ կ՛ուզէին պահպանել զինուորական առաւելութիւնը եւ հողը, ՅՉ):

Այստեղ արդէն պատկերը տարբեր էր: Ճիշդ է` զօրավար Արէշեանն ալ մեզ լաւ ճաշով հիւրասիրեց սպաներու ժողովարանին մէջ, եւ նոյնիսկ ճառեր ալ  արտասանուեցան, բայց ընդհանուր մթնոլորտը բնաւ պերճախօսութեան չէր նպաստեր:

Սարիղամիշ հասնելէ եւ ընդունելութեան արարողութենէն ետք խորհրդակցութիւնը սկսաւ, որ ընդհատուեցաւ ճաշի համար: Ապա հազիւ խորհրդակցութեան վերսկսանք, ճակատէն լուր հասաւ, որ թշնամին յարձակման անցած է Հարամ Վարդանի կողմէն, եւ կացութիւնը լուրջ է: Զօրավար Արէշեանը բռնեց սիրտը, ան զարմանալի յատկութիւն ունէր լուրջ պահերուն իր ներկայութիւնը զգացնելու: Զօրավար Նազարբէկեանը փսփսաց զօրավար (Եւկենի) Վիշինսկիի ականջին, Ահարոնեանը եւ Բէգզադեանը լռելեայն խորհրդակցեցան իրարու հետ: Ստեփան Մամիկոնեանը խորհրդակցութեան մէջ էր ինքն իրեն հետ: Դուրսը իրարանցում կը նկատուէր: Լարուած դէմքով սպաներ կը մտնէին եւ կ՛ելլէին…

Ինչպէ՞ս եղաւ, ո՞վ որոշեց` չհասկցայ: Բայց իմացայ` որոշուեր էր, որ խորհուրդի անդամները եւ զօրավար Նազարբէկեանի սպայակոյտը անմիջապէս պէտք էր հեռանային եւ այստեղ պիտի մնային` Ապահովութեան խորհուրդէն Վահան Փափազեանը, հայոց Ազգային խորհուրդէն ձեր խոնարհ ծառան եւ Վահան Նաւասարդեանը: Մեր դերը պէտք էր ըլլար սիրտ տալ եւ աջակցիլ զօրավար Արէշեանին` պաշտպանելու ռազմաճակատը, որ բնաւ պաշտպանուելու տրամադրութիւն ցոյց չէր տար:

Պէտք է խոստովանիմ, որ հայոց Ազգային խորհուրդին եւ բանակի ընդհանուր հրամանատարութեան ռազմավարական նահանջը այնքան ալ նպաստաւոր չէր ճակատի ռազմահոգեբանական կացութեան, ոչ ալ մեր` մնացողներուս հոգեռազմաբանական տրամադրութեան: Մենք կը կարծէինք, որ փախուստի աւելի վայելուչ ձեւ կարելի էր գտնել…

Ինչ որ է: Այստեղ նպատակս այդ օրերու լրիւ պատմութիւնը ներկայացնելը չէ: Ոչ ալ կ՛ուզեմ մեր երեքիս` Փափազեանի, Նաւասարդեանի եւ իմ հերոսական գործունէութիւնը արձանագրել. անոր համար անշուշտ կը գտնուի նոր Հոմերոս մը: Ես գրիչ առի միայն արձանագրելու համար քանի մը դէպքեր` Սարիղամիշի վիպական օրերէն, քանի մը փոքր յիշողութիւններ, որոնք ծանրացած են մտքիս ու խղճիս վրայ, եւ որքան տարիները անցնին, այնքան աւելի կը ճնշեն հոգիս:

Զարմանալի է մարդ արարածը: Կը յիշեմ Փարիզի մէջ դատավարութիւն մը, որուն ներկայ էի: Ֆրանսուհի մը իր ձեռքով սպաննած էր ամուսինը եւ այժմ, դատաւորներուն առջեւ, գլուխը բարձր, ամուր ձայնով, համարձակութեամբ կը պաշտպանէր իր արարքը: Մէկ ալ, ուրտեղէ՞ն ուր, ճիշդ ամբաստանեալին առջեւէն վազեց… մուկ մը: Կինը սարսափահար ճչաց եւ ուշաթափ ինկաւ: Դատավարութիւնը ընդհատուեցաւ:

14 մայիս 2018
(Շար. 1)

———————-

(1) «Կեանքի ուղիներով. դէպքեր, դէմքեր, ապրումներ», Սիմոն Վրացեան, Ա. հատոր, Գ. տպագրութիւն, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2007, էջ 187-201:

(2) Ըստ Ալեքսանտր Խատիսեանի նաեւ այլ աղբիւրներու, հաւանականութիւնը շատ աւելի մեծ է:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Մասնակցեցաւ Վրաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած Տօնակատարութիւններուն

$
0
0

Նախագահ Արմէն Սարգսեան 26 մայիսին Թիֆլիսի Անկախութեան հրապարակին վրայ ներկայ գտնուեցաւ Վրաստանի Առաջին Ժողովրդավարական Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութեան:

Իր խօսքին մէջ Հայաստանի նախագահը ջերմօրէն շնորհաւորեց Վրաստանի բարեկամ ժողովուրդը Վրաստանի ազգային տօնին` պետական անկախութեան վերականգնման 100-ամեայ յոբելեանին առիթով եւ նշեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է այդ հրաշալի առիթով այդտեղ գտնուիլ: «Իմ երկիրս նոյնպէս երկու օր յետոյ` 28 մայիսին, պիտի նշէ Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:

Ըստ նախագահ Սարգսեանի, հայ-վրացական բարեկամութիւնը ոչ թէ հարիւրամեայ, այլ հազարամեայ պատմութիւն ունի, եւ երկու ժողովուրդները ունին բազմաթիւ ընդհանրութիւններ: «Փաստ է, հրաշալի փաստ, որ մեր երկու ժողովուրդները հարիւրամեակներ շարունակ ապրած են կողք-կողքի, միասին պայքարած իրենց անկախութեան եւ արժանապատուութեան համար, եւ երբեք չեն ունեցած որեւէ մեծ տագնապ կամ թիւրիմացութիւն: Ասիկա յատկապէս շատ գնահատելի պէտք է ըլլայ մեզի համար` հայերու ու վրացիներու նոր սերունդին համար», ընդգծեց Արմէն Սարգսեան:

Հայաստանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց այդ վեհաշուք հանդիսութեան մասնակցելու հրաւէրին, ինչպէս նաեւ հայկական պատուիրակութեան նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հրաշալի քաղաք Թիֆլիսին, որ շատ երկար տարիներ եղած է Հարաւային Կովկասի մշակութային կեդրոնը: Քաղաք, ուր հայերը, վրացիները եւ բազմաթիւ այլ ազգեր ապրած են ներդաշնակօրէն: Քաղաք, որ եղած է մշակութային եւ արժէքային բազմազանութեան խաչմերուկ: Արմէն Սարգսեան յայտնեց, որ Թիֆլիսը իրեն համար յատուկ է նաեւ, քանի որ այնտեղէն կը սերի իր ընտանիքին մէկ մասը` կնոջ մեծ ծնողները, քաղաք, ուր բացի վրացերէնէն, կը խօսին բազմաթիւ այլ լեզուներով, ներառեալ` հայերէն:

Շարունակելով իր խօսքը հայերէն, նախագահ Սարգսեան նշած է. «Մեր երկու ժողովուրդներուն համար պատմական այս յոբելեաններուն հիմքին մէջ ինկած է ազատութեան գաղափարը, որ կը շարունակէ առաջնորդող մնալ մեզի համար նաեւ այսօր:

Այսօրուան իրողութիւնները մեզի կը պարտաւորեցնեն ո՛չ միայն պահպանել, այլեւ զարգացնել եւ բազմապատկել մեր ունեցած արժէքներն ու ձեռքբերումները, ստեղծել այն նորը, որ արժանի պիտի ըլլայ յիշատակութեան եւ ինչու չէ, ընդօրինակման: Տագնապները խաղաղութեամբ լուծելու, հարաւկովկասեան շրջանը զարգացած ու համերաշխ դարձնելու մեր բոլոր ջանքերը կը բխին մեր դաւանած արժէքներէն»:

Աւարտելով խօսքը` Հայաստանի նախագահը պատմական յոբելեանին առիթով անգամ մը եւս շնորհաւորեց բարեկամ վրացի ժողովուրդը եւ մաղթեց խաղաղութիւն, բարգաւաճում ու ամենայն բարիք:

Viewing all 12115 articles
Browse latest View live