Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12085 articles
Browse latest View live

Կենսատու Աւիշ ԼՕԽ-ի Կամաւոր Բանակին

$
0
0

Վերոյիշեալ խորագիրով է ահա՛, որ յունուար 2018-ին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպական յանձնախումբին «Թերթիկներու գրքոյկ»-ը:

Գրքոյկ մը, որ կը բաղկանայ հարիւր տասներեք (113) էջերէ եւ կը բովանդակէ ԼՕԽ-ի կազմակերպական յանձնախումբին վերջին քսան տարիներու պատրաստած երեսունվեց (36) թերթիկները, որոնք ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն հրամցուած են մասնաճիւղերու հերթական ժողովներու ընթացքին: Արդարեւ, մեկնելով ԼՕԽ-ի ծրագիր-կանոնագրի 3-րդ յօդուածի Թ. կէտի առաջադրանքէն կազմակերպական յանձնախումբը նախաձեռնած է թերթիկներու պատրաստութեան` սատարելով ՀՕՄ-ի անդամներու միութենական դաստիարակութեան եւ քաջալերելով անոնց մասնակցութիւնը հանրային կեանքին:

Իրենց շօշափած այլազան եւ բազմապիսի թեմաներով սոյն թերթիկները, ընտրուած կամ պատրաստուած` համաձայն օրուան պահանջներուն, կը մնան միշտ այժմէական եւ ազդու` շարունակելու համար իրենց դաստիարակիչ դերը: Հոն կը գտնենք հակիրճ կենսագրականները` Էտկար Ակնունիի, Արշակ Ջամալեանի, Ղազար Չարըգի, Բիւզանդ Քեհիյեանի եւ տոքթ. Վահրամ Փոթուքեանի նման հսկաներու, ազգային գործիչներու, որոնք հիմնած, կերտած եւ իրենց հոգածութեան առարկան դարձուցած են կանացի բարեսիրական այս հսկայ կազմակերպութիւնը: Հոն կը գտնենք նաեւ ճշգրիտ տեղեկութիւններ ՀՕՄ-ի ծննդոցին եւ կառոյցին մասին, ինչպէս նաեւ` ԼՕԽ-ի պատմականին, թէ ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ հիմնուեցաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, ե՞րբ ստացաւ պետական ճանաչում, ի՞նչ է անոր դերը լիբանանահայ իրականութեան մէջ, եւ ուրկէ՞ կը բխի անոր յարաճուն կենսունակութիւնը: Կազմակերպական մտահոգութիւնները, նաեւ լայն տեղ գրաւած են այս թերթիկներու շարքին: Հոն տրուած են յստակ բացատրութիւններ` ՀՕՄ-ի ժողովներու տեսակներուն եւ ժողովավարական կանոններուն մասին` ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն միութենական կազմաւորումն ու միութենական դաստիարակութիւնը ապահովելու նպատակով: Տակաւին, այս գրքոյկին մէջ առկայ են հայ թէ օտարազգի գրագէտներու գործեր, որոնք կը ջատագովեն ծառայասիրութեան ազնիւ կոչումը ընդհանրապէս եւ ԼՕԽ-ի մարդասիրական, բարեսիրական առաքելութիւնը` յատկապէս: Միսաք Մեծարենցի «Արդի մարդուն Հայր Մերը, տո՛ւր ինծի, Տէր», Վարդուհի Քուշերեանի «Ժողովուրդին ծառայելու կոչուած ազնիւ կազմակերպութիւնը», Ռիշար Վալոյի «Կամաւորներու աղօթքը», Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Տալու մասին» եւ նմանօրինակ բովանդակութեամբ թերթիկներ իրենց յուզականութեամբ կը գերեն ԼՕԽ-ականի հոգին եւ զայն կը մղեն իր կարողութիւնները, ժամանակն ու սիրտը առաւելագոյն չափով դնելու ի սպաս հայ ժողովուրդի բարօրութեան:

Միութենական մտահոգութիւններուն զուգահեռ, այս թերթիկները միշտ ալ արձագանգած են հայ իրականութիւնը յուզող հարցերուն եւ ԼՕԽ-ականը իրազեկ դարձուցած` իր շուրջի անցուդարձերուն, ինչպէս` Ցեղասպանութեան հարիւրամեակ, Մայրենի լեզուի օր, 2013-ը` հայ մօր տարի եւ այլն: Հոս անպայմանօրէն պէտք է յիշել Արամ Ա. կաթողիկոսին ստորագրած «Հայ մայրը այսօր նոր մարտահրաւէրներու դիմաց», Հրանդ Տինքի «Ներաշխարհս, որ աղաւնիի նման անհանգիստ է», Շահանդուխտի «Հայոց նորագոյն պատմութիւնը», Մանուկ Մանուկեանի «Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ապրիլ 24-ը դարձաւ Մեծ եղեռնի զոհերու ոգեկոչման օր» կտորները, որոնք հայ ժողովուրդի դարաւոր տառապանքներուն ընդմէջէն կը յայտնաբերեն անոր հոգեմտաւոր արժէքները:

Այս ճոխ եւ օգտաշատ բովանդակութիւնը պարփակուած է ընտիր եւ ներկայանալի կազմուածքի մը մէջ: Կողքին երեսը պատկերազարդուած է ԼՕԽ-ը խորհրդանշող խորիմաստ գծագրութեամբ մը, որ գործն է լիբանանահայ երիտասարդ արուեստագէտ` Սիրուն Սարեանի, իսկ կռնակին տպուած է լիբանանահայ վաստակաւոր գրագէտ եւ կրթական մշակ Բիւզանդ Եղիայեանի գնահատական խօսքերը` ուղղուած ԼՕԽ-ի հասցէին: Գիրքի առաջին էջերուն վրայ տեղադրուած են ԼՕԽ-ի կազմակերպական յանձնախումբին պատրաստած խօսքը, ուր կը բացատրուի գրքոյկի հրատարակութեան նպատակը, նաեւ` ՀՕՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի խորհրդանշանը, ինչպէս նաեւ` ՀՕՄ-ի քայլերգը:

Հատորին մեկենասութիւնը ստանձնած է ամերիկաբնակ հայորդի մը, որ կը հաւատայ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առաքելութեան: Օրինակելի գործ մը` ազնիւ անձի մը կողմէ, որ համացանցի այս դարուն տակաւին կ՛արժեւորէ գիրքին առթած խորհրդաւոր հմայքը:

Սոյն գիրքը խմբագրած ու հրատարակութեան պատրաստած է Կարօ Յովհաննէսեանը: Երախտարժան եւ արժէքաւոր գործ մը, որ արժանի է զարդարելու իւրաքանչիւր հայու գրադարանը` կենսատու աւիշ ներարկելով ոչ միայն ԼՕԽ-ի կամաւոր բանակին, այլեւ համայն հայութեան, մանաւանդ` նորահաս սերունդին:

ԼՕԽ-ԱԿԱՆ ՄԸ


Հարիւր Ականաւոր Դէմքերու Յուշ-Պատգամներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

ՀԱՄՕ ՕՀԱՆՋԱՆԵԱՆ
(Համազասպ, 1873-1947)

* Ասում են, թէ Դաշնակցութիւնը եղել է մի կառավարութիւն: Դա մի ցաւալի սխալ է: Ճիշդ է` Դաշնակցութիւնը այդ դերը ստանձնել է մի որոշ ժամանակ, բայց դա նրա նպատակը չէր: Անցել է արդէն այդ ժամանակը, եւ այժմ Դաշնակցութիւնը առաջ պիտի գայ իբրեւ քաղաքական-սոցիալիստական կուսակցութիւն` ունենալով իւր ամբողջացած պատմափիլիսոփայական աշխարհայեացքը. իր իտէալը, իր նպատակակէտը: Եթէ չլինի այդպիսին, այն ժամանակ չի էլ կարող կոչուել իսկական յեղափոխական կուսակցութիւն:

 

ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ
(1857-1947)

* Հրաշք չէ՞ արդեօք հայի համար այսօրուան նրա անկախութիւնը, հրաշք չէ՞ Հայաստանի գոյութիւնն անգամ: Չէ՞ որ սա մի երազ է եղել հայի համար դարերի ընթացքում. գրեթէ` վեց դար:

Եւ ո՞վ իրականացրեց այս երազը, եթէ ոչ` հայ մարտիկը, որը այսօր հայ զինուոր է կոչւում, նա «մարտիկ» էր, երբ մղուած մի ներքին անդիմադրելի ուժով, գնում էր կռուի` առանց յաղթելու յոյսի, լոկ պատուով մեռնելու եւ իր արիւնով հայի երեսը պարզ անելու համար, իսկ այսօր նա գնում է յաղթանակելու, իր սրբավայրը պաշտպանելու համար, եւ նա «հայ զինուոր է» բառիս իսկական իմաստով:

Երջանկութեան արտասուք է թափւում մեր աչքերից եւ յուզուած սրտիս խորքերից մի ձայն է շշնջում.

Փա՜ռք ինկած «մարտիկներին»:

Անհո՜ւն սէր «հայ մարտիկին»:

 

ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ
(1883-1948)

* Տօ՛նը մեր բոլոր յաղթանակներուն:

Քեզի համար քիչ են ողջերուն բերաննե՛րը, ու քեզի համար օտար պէտք չէ գան բոլոր այն բերանները, որոնք դարերու գերեզմանումէն կը քակուին այսօր, ու մենք ստուերներու լուռ եւ հսկայ երգին մէջ քեզ կը տօնենք, ո՛վ մեր պատմութեան ամէնէն շքեղ օրը, յաղթութեանց կարմիր օրը:

* Օրհնութեան եւ յաղթութեան օ՛ր, թափէ մանաւանդ մեր բանակին վրայ տարափը մեր թագաւորներուն ընտանի ոսկիին, տարափն ու որան` կրկնապատկուած, քառապատկուած, բիւրապատկուած վրէժի նետերուն, որպէսզի ամէն բազուկ կարող ըլլայ ամբողջ սերունդներուն խաղաղութեանը հասնելու, ու ամէն զինուոր համառօտութիւնը դառնայ մեր երկար պատմութեան երկար շառաւիղներուն:

 

ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
(1866-1948)

* Հայ բանակը, որ 14-րդ դարէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը կռուէր դարձեալ իր ազգային դրօշին ներքեւ` բեկանելով այսպէս, ի նպաստ հայրենիքին, ժամանակի եւ պատմութեան վճիռը, Ղարաքիլիսէի, Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի մէջ թուրք բանակին դէմ ցոյց տուաւ այնպիսի դիմադրութիւն մը, որ կարելի չեղաւ խորտակել, եւ որ ազգային պետութեան մը գոյութիւնը ապահովեց:

* Կեանքիս ամենաերջանիկ օրն է այս: Երեսուն տարուայ պայքարս, բողոքս, տառապանքս եւ յոյսերս պսակուեցին փառաւոր յաջողութեամբ: Թուրքական դաշնագիրն ստորագրուեց, եւ բոլոր դաշնակից պետութիւնների համաժողովն այսպիսով հռչակեց Միացեալ, Անկախ, Ազատ Հայաստանը Սեւրի սրահում:

 

ՌՈՒԲԷՆ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
(Մինաս, 1882-1951)

* 1918 մայիս 28-ին թէեւ Ազգային խորհուրդը իրեն յայտարարած էր «Հայաբնակ գաւառների գերագոյն իշխանութիւն», բայց փաստօրէն ստեղծուած էր անկախ Հայաստան Արարատեան աշխարհի բեկորների վրայ: Ստեղծւում էր հայկական կառավարութիւն մի փոքրիկ հողամասի վրայ, որին ոմանք կը համեմատէին գերեզմանոցի, եւ ոմանք էլ` գաղթականական կայանի հետ: Պաթումում գծուած Հայաստանը կը պարփակէր իւր մէջ ճիշդ ներկայ Խորհրդային Հայաստանը` առանց Ալեքսանդրապոլ-Արարատ կայարանի երկաթուղու գիծը իւր երկու կողերով: Հայաստանը կը ներկայացնէր իրական մի բանտ, մի գաղթակայան:

Ինչո՞ւ այդ դրութեան համակերպուեց Հայոց ազգային խորհուրդը: Պատասխանը պարզ է: Պէտք էր շատից քիչը փրկել: Հայութիւնը պարտուած էր, եւ յաղթողն էր թուրք-թաթարական-վրացական խմբակցութիւնը, որի դէմ մեն մենակ նա անկարող էր իւր դատը պաշտպանել, իւր երկիրը վերագրաւել:

* 1918-ի Դաշնակիցների յաղթութեան օրերն էին գալիս: Բախտի անիւը կը դառնար յօգուտ Հայաստանի, գերման զօրքերը կը պատրաստուէին ձգել Վրաստանը, իսկ Պաքուից ու Ազրպէյճանից կը շտապեն հեռանալ տաճիկ զօրքերը, տաճկական զօրքերը սկսում են դատարկել հայկական գաւառները` Լոռի, Ախալքալաք, Ալեքսանդրապոլ, Սարդարապատ, Ղամարլու, Շարուր, Նախիջեւան, Սուրմալու, Կարս:

Բանտի դռները բացուած էին. հայկական զօրքերը կը հետեւէին թուրք նահանջող զօրքերին եւ մէկը մէկի յետեւից կը գրաւեն ու հայկական իշխանութիւն կը հաստատեն դատարկուած գաւառներում:

Գաղթական դարձած հայ ժողովուրդը կը հետեւի հայ բանակին եւ իւր հայրենի օճախը կը շէնցնէ:

* Արամի ժամանակ, ներքին գործոց նախարարութիւն ասելով, պէտք էր հասկանալ պետութեան ֆիզիքական ուժը եւ նրա կառավարական վարչամեքենան, մարմնացումը` պետական եւ կուսակցական բարոյական հասկացողութեանց, օրէնքների գործադրման եւ պարտադրման միակ խողովակն ու միջոցը, կեդրոնը, որտեղ ամփոփւում էին Հայաստանը կազմակերպելու բոլոր ձգտումներն ու ճիգերը: Արամի ատեն ներքին գործոց նախարարութիւնը կը ներկայացնէր ամէն ինչ…

 

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ
(Լեւոն Սեղբոսեան, 1869-1951)

* Ժողովուրդները իրենց անկախութեանը ձգտելնուն համար չէ, որ կը մեռնին: Շատ աւելի ճիշդ է հակառակը, կը մեռնին ապրելու կամքն ու վճռակամութիւն չունենալնուն համար: Եթէ հայութիւնը դիմացեր է այսքան դարեր, իր դիմադրութեամբն է դիմացեր. դիմադրելով, որ չկլանուի, դիմադրելով, որ ազատուի:

* Ինչի՞ է նման ամէն արժանիքէ զուրկ ու ստորին ազգային գոյութիւն մը: Արդի ու անցեալ մեր ամբողջ հալածանքը, մեր ամբողջ տառապանքը, մեր մարդկային արժանապատուութեան այս ամբողջ լեղին եթէ մենք կը խմենք, կը խմենք միայն մէ՛կ նպատակով, որ դիմադրենք, մաքառինք, յանձն առնենք ամէն ինչ, մինչեւ որ հայութիւնը տիրանայ իր ամբողջական եւ անկախ հայրենիքին:

 

ՕՆՆԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
(1895-1951)

* … 1918-ին, երբ նորէն դրուած էր մեր ցեղի գոյութեան հարցականը, եւ կը բաւէր 24 ժամ, կամ` ռումբի շեշտակի հարուած մը, կամ` յուսալքման թոյնի կաթիլ մը, որպէսզի մեր ցեղը իրօ՛ք սրբուէր աշխարհի եւ պատմութեան երեսէն, Արամը եղաւ առաջինը եւ միակը, որ հռչակուեցաւ ԴԻԿՏԱՏՈՐ եւ յուսալքուած ամբոխները, իր հոգու սրբազան կրակով առաջնորդելով դէպի կենաց եւ մահու կռիւը, ոչ միայն փշրեց անագորոյն Վտանգին թեւերը Սարդարապատի մարտադաշտին վրայ, այլեւ ստիպեց, որ նոյն թշնամին գլխարկ հանէ մարտնչող եւ ապրիլ գիտցող ժողովուրդի մը առջեւ եւ ճանչնայ անոր ազատ ու անկախ ապրելու գերագոյն իրաւունքը: Այդ նուիրական 24 ժամուան մէջ էր ահա, որ Արամը ստեղծեց մեր նոր Պատմութիւնը, որ այլեւս միայն յեղափոխութեանը կամ յեղափոխական կուսակցութեան մը չէ, այլ` մեր ամբողջ ժողովուրդին եւ մեր ժողովուրդի ազատ ու անկախ պետականութեան գաղափարին:

 

ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(1867-1952)

* Յաղթել կամ ընտրել հայրենի սրբազան հողի վրայ մեռնելու միակ պատիւը:

 

ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆ
(1872-1954)

* Այդ յաղթանակը դեռ իր ամբողջական ու վերջնական իրականացումը չէ՛ գտած: Դեռ կան մեծ վտանգներ, որոնք կը պաշարեն մեր դատը, վտանգներ, որոնք այս օրերս աւելի կը շեշտուին. բայց կորսնցնել հաւատքը այս հուսկ պահուն, տարակուսիլ այդ յաղթանակին վերջ ի վերջոյ անխուսափելի իրականացման մասին, մեր ամէն ձեւով մղած պայքարը թուլցնել` վտանգներուն մեծագոյնը ստեղծել պիտի ըլլար: Այդ յաղթանակը ա՛յնքան աւելի ապահով պիտի դառնայ, ո՛րքան մենք մեր ազգին դիմադրող, պայքարող ուժը զօրացնելու եւ բազմապատկելու կենսական ու անվիճելի գործին մէջ միաբան ըլլանք:

 

ՀՐԱՆԴ ՓԱՍՏՐՄԱՃԵԱՆ
(1904-1954)

* 1918-ի յունիսի սկիզբը առաջին կառավարութիւնը, որ մարմին առած ըլլայ Հայաստանի բարձրաւանդակին վրայ Բագրատունեաց անկումէն ասդին, ժողով մը կը գումարէր Երեւանի մէջ: Հայաստան, այսպիսով, յանդուգն ձեռքով մը կը վերամիացնէր իր պատմութեան կտրուած թելը: Ժան Հիւսի եւ Սոպիէսքիի հայրենիքներուն հետ, Գրիգոր Լուսաւորիչի հայրենիքն էր, որ յարութիւն կ՛առնէր 1918 տարուան ընթացքին: Հայ ժողովուրդի հրաշազօր կենսունակութիւնը ըմբռնելու համար պէտք է աչքի առջեւ ունենալ այս ահաւոր պատմութեան յարաշարժ փոփոխութիւնները: Կարելի է իրապէս ըսել, որ հայկական հրաշք մը գոյութիւն ունի, ինչպէս գոյութիւն ունին լեհական եւ իրլանտական հրաշքները:

Մէկ միլիոն հայեր զոհուած էին, որպէսզի ուրիշ միլիոն մը հայեր կարենան ապրիլ իբրեւ ազատ մարդիկ: Ո՞ր ժողովուրդն է, որ իր անկախութիւնը ձեռք բերած է այս գինով: Ո՞ր ժողովուրդն է, որ իր անկախութիւնը ձեռք բերած է այս գինով:

* Հակառակ երկիրը խեղդող սոսկալի դժուարութեանց` կառավարութիւնը գործի անցաւ մեծ հայրենասէր Արամ Մանուկեանի տուած մղումով:

* Հակառակ այս բոլոր դժուարութեանց` հայկական կառավարութիւնը` 1918-1920 յաջորդաբար գլխաւորուած Քաջազնունիի, Խատիսեանի եւ Օհանջանեանի կողմէ, աստիճանաբար հաստատեց կարգն ու ապահովութիւնը, վերաշինեց հաղորդակցութեան ճամբաները եւ զարկ տուաւ երկրագործութեան: Պատմութիւնը օր մը պիտի ըսէ, թէ երկիրը ի՛նչ կը պարտի այս մարդոց, որոնք Հայաստանի առաջին քայլերը առաջնորդեցին անոր յարութենէն ետք:

* Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը հռչակուեցաւ 1918 մայիս 28-ին, անդրկովկասեան կառավարութեան լուծումէն ետք:

1918 յունիս 4-ին, Պաթումի դաշնագրով, թուրք կառավարութիւնը կը ճանչնար հայկական նոր պետութիւնը, որ կը բաղկանար Երեւանի շրջանի մէկ մասէն եւ Սեւանի շրջանէն, թուրքերու եւ ազրպէյճանցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող գաղտնի համաձայնութեան պատճառով: Անոնք իրենց մէջ բաժնեցին Ռուսահայաստանի մնացեալ մասը:

 

ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ
(Գարեգին Տէր Յարութիւնեան, 1886-1955)

* 1918 մայիսի վերջերին վարել եմ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտը: Վիրաւորուել եմ: Ներկայացել` ամենաբարձր քաջութեան շքանշանի:

Պիտի խոստովանել, որ առանց Ղարաքիլիսէի ճակատամարտի` ոչ թէ օրուայ Խ. Հայաստան այլ եւ այդ երկրամասի վրայ այսօր ապրող հայութիւն չէինք ունենայ: Ղարաքիլիսէի եռօրեայ հերոսականը փրկեց գլխովին ոչնչացումից Արարատեան հայութիւնը եւ հիմը դրեց Հայկական Պետութեան:

* Հայաստանի անկախութեան օրով, 1919-ի աշնան փրկել եմ Դաւալուի եւ Վեդիի միջեւ պաշարուած հայկական 2-րդ գունդը:

* 1919-ի երկրորդ կէսէն անցել եմ Սիւնիք` Էտիֆ պէյի զօրքերի կողմից պաշարուած, սովի ու սուրի մատնուած Գողթանին օգնութիւն հասցնելու համար: Փրկուեցին թէ՛ այդ շրջանը, թէ՛ այդտեղի հայութիւնը:

Այնուհետեւ լծուել եմ վտանգուած Ղափանի եւ արեւելքի հայութեան ֆիզիքական գոյութեան պաշտպանութեան գործին` ետ մղելով մուսաւաթական Ազրպէյճանի եւ Նուրի, Խալիլ թուրք փաշաների պարբերական յարձակումները:

 

ՎԱՀԱՆ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ
(1888-1956)

* Տեսնել հայրենիքը ազա՛տ: Տեսնել զայն անկա՛խ: Տեսնել միացած եւ ամբողջացած անոր նուիրական հողը: Արցունք եւ արիւն չտեսնել հայ ժողովուրդի աչքերուն մէջ: Հայ շինականը տէր դարձնել իր արդար վաստակին: Հաւատացեալը ազատ ձգել անվախօրէն իր աստծուն աղօթելու: Խորտակել հայ մտածումին վրայ ծանրացած շղթաները: Հայ լեզուն ազատել զինք կաշկանդող կապանքներէն: Թոյլ տալ, որ հայ հանճարը ազատօրէն ծաղկի ու ստեղծագործէ: Ազատ տեսնել հայ քաղաքացին` ազատ Հայաստանի մէջ:

 

ԴՐՕ
(Դրաստամատ Կանայեան, 1883/84-1956)

* Յարգա՜նք հայ ժողովուրդին, նրա յեղափոխական մարտիկներին եւ ղեկավարներին, փա՜ռք հայ բանակին եւ նրա անձնուէր զինուորներին ու սպաներին, որոնք գիտցան արհամարհել ամէն դժուարութիւն եւ անվկանդ կամքով խոյացան մահուան դէմ` մինչեւ արեան վերջին կաթիլը կռուելու վճռակամութեամբ:

Այդ հերոսների կերտած թուականն է մայիս 28-ը:

* Ամէն տարի մայիս 28-ին իւրաքանչիւր հայ պէտք է յատկապէս գիտակցի, թէ հայ ժողովուրդը որեւիցէ պայմանի տակ, ինչքան էլ ծանր, դժուարին ու վտանգաւոր լինեն դրանք, ի վիճակի է իր անկախութեան տէրը դառնալու, իր պապենական օճախի մէջ հաստատ մնալու եւ ապրելու իբրեւ արժանաւոր ազգ, թէ՛ միայն չպակսի հաւատքը, վճռակամութիւնը, զոհողութեան ոգին եւ ազատութեան ձգտումը:

* Կատարուեց հրաշքը: Դաշնակցութիւնը կարողացաւ ի մի հաւաքել եւ գոյապայքարի ճակատ նետել հայութեան բոլոր կենդանի ուժերը: Հայաստանն ամբողջ, մեծով-պզտիկով, ոտքի կանգնեց եւ պատուով մեռնելու կամ ազատ ապրելու վճիռով կուրծք տուեց թշնամուն: Որքա՜ն յուզիչ դրուագներ եւ հերոսական դէպքեր կարելի է նկարագրել այն կռիւներից, որոնց արդիւնքը եղաւ մայիս 28-ի պատմական մեծ թուականը: Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն մէջ իր տարած անօրինակ յաղթանակներով հայ ժողովուրդը տիրացաւ ազատ եւ անկախ ապրելու անփոխարինելի բարիքին: Այդ ճակատամարտերն եղան պատճառ, որ տաճիկները հարկադրուեցին դաշինք կնքել հայերի հետ եւ ճանաչել Հայաստանի անկախութիւնը:

* Եւ հայ բանակը, հայ կռուողը բոլոր ուժերը որոշեցին մեռնել` յանուն հայ ժողովուրդի յաւիտենական կեանքին, պայքարի լծուեց ամբողջ ազգը, մեծով ու պզտիկով, առանց ոեւէ բացառութեան:

Յարգա՜նք քեզ, հա՛յ զինուոր եւ սպայութիւն, յարգանք ձեզ, հայ շինական ուժեր եւ յեղափոխական խմբեր: Ձեր վճռական պայքարն ու զոհաբերութիւնն էին, որ ծանր ու ճակատագրական վայրկեաններին յետ շպրտեցին թշնամի զօրքերը եւ կեանք, ազատութիւն ու անկախութիւն պարգեւեցին մեր ժողովուրդին:

 

ԴԵՐԵՆԻԿ ԴԵՄԻՐՃԵԱՆ
(1877-1956)

* Այսօր, այս վեհ ուրախութեան եւ խոր սուգի հանդէսին,
Ո՜վ մարմարէ նահատակներ, կանգնած ձեզ հետ միասին,
Ո՜վ խնկելի Սարդարապատ, Ղարաքիլիսա, Աբարան,
Խօսեցնում էք իմ բերան:

Սակայն ինչպէ՞ս խօսեմ ձեզ հետ` ցաւի դողը իմ շուրթիս,
Ի՜մ` ապրողիս խղճի խայթով` մեռածներիդ յանդիման,
Ինչպէ՞ս հնչեմ ձեր անունը` ամօթանքը ճակատիս,
Գովեմ ձեր բառն աննման:

Բայց եւ ինչպէ՜ս լռեմ հիմա, ինչպէ՜ս լռէ իմ բերան`
Վերյիշելով Սարդարապատ, Ղարաքիլիսա, Աբարան.
Դուք գնացիք, սակայն ինչպէ՞ս իմ լուռ հոգին այսուհետ
Չխօսի ձեր շուքի հետ:

Ահա տեսնում եմ ձեզ մահատեսիլ, խստադէմ,
Երբ որ մահը մեռցնելու դուք գնացիք մահի դէմ,
Եւ դուք գտաք ձեր պտրածը-ձեզ համար` մա՛հ չարաթոյն,
Հայրենիքին փրկութի՛ւն:

 

ԽՄԲԱՊԵՏ ՄՈՒՇԵՂ
(Մուշեղ Աւետիսեան, 1887-1956)

* …Ինչ որ ամէնէն մտահոգիչն էր, Երեւանի եւ Ալեքսանդրապոլի շրջաններուն մէջ լաւագոյն հողերու վրայ նստած էին թուրքն ու թաթարը, երբ անդին` ցուրտին եւ արեւին տակ հարիւր հազարաւոր հայեր ենթակայ էին ամէն տեսակ զրկանքներու եւ կը մահանային հարիւրներով ու հազարներով:

Թալինի բերդը ռազմական բացառիկ նշանակութիւն ունէր մեր փոքր երկրին համար: Անիկա ոչ միայն կ՛իշխէր Էջմիածնի եւ Աշտարակի վրայ, այլ նաեւ տեւական սպառնալիք մըն էր Երեւանի համար: Հետագային, երբ Սարդարապատի կռիւները տեղի ունեցան, այն ատեն միայն հասկցուեցաւ մեր շարժման կարեւորութիւնը:

 

ԱՐՇԱՒԻՐ ՇԱՀԽԱԹՈՒՆԻ
(1885-1957)

* Ժամը երեքին Աստաֆեան պողոտայի սկզբից մինչեւ Սուրբ Սարգիս կանգնած էին վաշտեր: Արամ Մանուկեանը հասաւ ինքնաշարժով եւ հաղորդեց, թէ կառավարութիւնը գալիս է: Մի քանի րոպէից գլխաւոր պողոտայի անկիւնից երեւաց կառավարական խումբը ինքնաշարժներով: Ես հրամայեցի. «Հանդիսաւոր տողանցք. պատրա՛ստ. հանդա՛րտ. պատուի ա՛ռ»: Եւ մերկացնելով իմ սուրն ու ինձ հետ ունենալով հեծելազօրից յիսուն հոգի` մօտեցայ կառավարութեան կազմին: Ես խոնարհեցի իմ սուրը Հայաստանի նախարարապետի առջեւ, մինչդեռ իմ ձին բարձրացած էր երկու ոտքի վրայ: Ես ասացի. «Ձե՛րդ գերազանցութիւն, որպէս Հայաստանի մայրաքաղաքի զինուորական հրամանատար` ողջունում եմ ձեր գալուստը: Ես անսահման երջանիկ եմ, որ դարերից յետոյ առաջին սպան եմ, որ խոնարհեցնում է իր սուրը իր կառավարութեան առջեւ: Այս վայրկեանիս ես հպարտութեամբ դնում եմ սուրս իր պատեանի մէջ եւ դուրս կը հանեմ այն ժամանակ, երբ դուք հրամայէք պաշտպանել մեր աննման հայրենիքը:

(Շար. 4)

Ժամանակն Է Կազմելու Համահայկական Հայագիտական Կրթական Ծրագիր

$
0
0

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Կրթամշակութային կեանքը Հայաստանի
Ա. Հանրապետութեան տարիներուն

Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի բացման խօսքը` Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային, Երեւանի պետական համալսարանին եւ Համազգային հայ կրթամշակութային միութեան կազմակերպած գիտաժողովին ժամանակ։

Շուրջ տարի մը առաջ, երբ ԵՊՀ-ի մեր գործակիցներուն առաջարկեցինք այս օրերուն, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակի եւ Համազգայինի հիմնադրման 90-ամեակի զոյգ առիթներով, մօտաւորապէս ներկայ վերջնական թեմայով, այս գիտաժողովը կազմակերպել, թեթեւ, քաղաքավար, բայցեւայնպէս նկատելի ժպիտ մը նշմարեցինք մեր խօսակիցներու դէմքին: Ի՜նչ մշակոյթ, ի՜նչ կրթութիւն հանրապետութեան հիմնադրութեան քաոսային ժամանակաշրջանին: Այդ օրերու կեանքի ու մահուան միջեւ տարուբերուող, հայկական վերջին հողակտորին վրայ մաքառող հայկական խայտաբղէտ հասարակութեան միտքէն ի՞նչ գաղափար կրնար ծնունդ առնել, որպէսզի կարելի ըլլար այսօր, գիտաժողովի մը արժանի մակարդակով, խօսիլ այդ շրջանի կրթական եւ մշակութային նուաճումներուն մասին: Նիկոլ Աղբալեանի նախարարական ստորագրութիւնը կրող համալսարանի հիմնադրութեան որոշումը եւ իր նախարարութեան մէջ իր գաղափարական մեծատաղանդ հակառակորդը` երիտասարդ Եղիշէ Չարենցի ապրուստը ապահովող պաշտօնով մը օժտելը բաւարա՞ր էին գիտաժողովի մը օրակարգը լեցնելու եւ անոր կազմակերպումը արդարացնելու չափ:

Այս հարցին մեր պատասխանը դրական եղաւ, մէկէ աւելի պատճառներով, որ սակայն կարելի է ամփոփել մէկ յայտարարութեան մէջ. այս նիւթը բաւարար չափով չէ՛ ուսումնասիրուած տակաւին. չէ՛ պեղուած: Այդ խնդիրը հանգամանօրէն քննելու առիթը պէ՛տք էր ստեղծել:

Արդարեւ, հայրենի հողին վրայ օտարներու կողմէ ճանչցուած պետական անկախ կառոյցի մը գոյառումն ու երկամեայ գոյութիւնը հայ հասարակութենէն ներս եօթանասունամեայ վիճաբանութիւններու եւ վէճերու առարկայ հանդիսացած է քաղաքական ու հասարակական բեմերուն վրայ: Երբ հայրենիքէն ներս միակուսակցական համակարգի տրամադրութեան տակ գտնուող ամբողջատիրական բոլոր միջոցները լծուած էին անկախ Հայաստանի կերտիչներու վարկաբեկման եւ անոնց քաղաքական հաւատամքի էութեան ամբողջական մերժումի աշխատանքին, կարելի չէր ակնկալել, որ խօսուի անկախութեան ժամանակաշրջանի մշակոյթին մասին: Որովհետեւ մշակոյթի մասին խօսիլ` կը նշանակէ խօսիլ փոփոխութեան, դրական հոլովոյթի, յառաջդիմութեա՛ն մասին: Իսկ, կ՛երեւի կը մտածուէր, «քաղքենիութեան եւ արեւմտեան կայսերապաշտութեան» հնազանդ կամակատարները ինչպէ՞ս կրնային այդպիսի դրական յատկանիշներու տէր եղած ըլլալ:

Զարմանալի կերպով մշակոյթի մասին արտերկրի իրենց աշխատութիւններուն մէջ շատ չեն խօսած նաեւ առաջին հանրապետութեան տարագրեալ ղեկավարները: Ասոնք իրենց հրապարակախօսական ու պատմագրական ճիգը կեդրոնացուցին գաղափարական գետնի վրայ հակազդելու իրենց դէմ կատարուած տեղի ու անտեղի ամբաստանութիւններուն եւ մեղադրանքներուն. նաեւ իբրեւ հիմնական դերակատարներ` ներկայացնելու հանրապետութեան ստեղծման շրջանը, ինչպէս նաեւ` մինչեւ խորհրդայնացում անոր հոլովոյթը: Կասկածէ վեր է, որ անբարենպաստ պայմաններու մէջ կատարուած այս աշխատանքը ծառայեց հայութեան մտքին մէջ վառ պահելու անկախ պետականութեան վերստեղծման գաղափարը: Տեղ-տեղ, սակայն, յուշագրական գրականութեան մէջ կարելի է նոյնպէս հանդիպիլ մշակութային սրամիտ մանրամասնութիւններու: Այսպէս, Սիմոն Վրացեան կը վկայէ, որ Լեւոն Շանթ Հայաստանի խորհրդայնացման թոհուբոհին մէջ աւարտած է իր «Շղթայուածը» թատրերգութեան աշխատանքները:

Վայրկեան մը մտաբերելով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հետ առնչուող անունները` պիտի տեսնենք, որ այդտեղ դերակատարներու մէկ կարեւոր մասը միաժամանակ հայ մտաւորականութեան փայլուն ներկայացուցիչներէն են: Եթէ Հայաստանի հողին վրայ մշակութային մարզէն ներս տարուած աշխատանքներու մասին երկար ատեն անդրադարձ չէ եղած, ապա, միւս կողմէ, ակնբախ է, որ Ցեղասպանութեան ընթացքին դէպի արտասահման տեղահան եղած հայկական զանգուածներու կազմակերպման եւ անոնց կրթական ու մշակութային կեանքի ղեկավարման մէջ հիմնական աշխատանք տարած է Հայաստանի խորհրդայնացման պատճառով փախստական դարձած մտաւորականութիւնը: Համազգայինը, որուն 90-ամեակը կը նշենք այս տարի, այդ մարդոց մտայղացման արգասիքն է. Հայաստանի Հանրապետութեան իր ժամանակի խորհրդարանի նախագահ Լեւոն Շանթ, կրթական նախարար Նիկոլ Աղբալեան ու վարչապետ Համօ Օհանջանեան Համազգայինի առաջնակարգ հիմնադիրներէն հանդիսացան:

Ահա աւելի քան քառորդ դար է, որ կարելիութիւնը կայ ազատօրէն ու մանրամասնօրէն ուսումնասիրելու այդ շրջանի հայկական պետութեան կեանքի բոլոր ոլորտները: Անկախ հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով ցայսօր տեղի ունեցող գիտաժողովներու թիւն ու անոնց մասնակից գիտնականներու բազմութիւնը փաստ է, որ այդ շրջանի պատմութեան վերաբերեալ հետաքրքրութիւնը մեծ է: Նոյնը կը փաստէ նաեւ այսօ՛ր սկսող` հանրապետութեան կրթամշակութային կեանքը շօշափող գիտաժողովին ներկայացած զեկոյցներուն թիւն ու անոնց վերնագիրներուն զանազանութիւնը:

Այս բոլորով հանդերձ, կարելի չէ յաւակնիլ, որ ատենին Հայաստանի պետականութեան` պատմութեան մութ վիհերէն տեսանելի ու շօշափելի մակերես բարձրացած ըլլալու կարեւորութիւնը լիովին գիտակցուած է հայկական հաւաքականութեան կողմէ: Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել քայլերգ-օրհներգի մասին մերթ ընդ մերթ բարձրացող եւ իսկոյն մարող հարցի պարագան. կարծես թէ օրհներգի գեղարուեստական արժէքը աւելի կարեւոր ըլլար, քան` անոր մարմնաւորած խորհուրդը: Այս իմաստով, լուրջ ընելիք կայ ժողովրդային մակարդակի վրայ, բայց մանաւանդ` կրթական ոլորտէն ներս: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան իրական պատմութիւնը` իր հերոսական դրուագներով ու գաղափարական հոյակապ ու օրինակելի տիպարներով, աստիճանաբար պէտք է վերածուի իւրաքանչիւր հայ պատանիի եւ երիտասարդի գիտակցական եւ զգացական աշխարհներու` ազգային կազմաւորման նպաստող գլխաւոր առանցքներէն մէկը: Համահայկական կրթական նուազագոյն ծրագրի մը որդեգրումը պիտի նպաստէր անկասկած ճշմարտութեան վրայ հիմնուած մէկ տեսակի հայրենասիրութեան ընդհանրացման:

Անհրաժեշտ է, որ պատմութենէն անցնելով մերօրեայ իրականութեան` այս մշակոյթը հետեւողականօրէն ժողովրդականանայ: Մէկէ աւելի ազգային հիմնական հայեցակարգերու գոյակցութիւնը, որոշ պայմաններու մէջ, վտանգաւոր կրնայ ըլլալ հասարակութեան մը համար: Ատենն է կազմելու համահայկական նուազագոյն հայագիտական կրթական ծրագիր մը` բազմացնել կարենալու համար հայութեան զանազան ու այլազան մասնիկներուն մէջ հայկական ինքնութիւնը յատկանշող տարրերու քանակը: Այս ձեւով ժամանակի ընթացքին, համբերութեամբ, աստիճանաբար կը ստեղծուի համահայկական քաղաքացիական հասարակութիւնը:

Երեւան, 15 մայիս 2018

Գիտաժողով` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Կրթական Եւ Մշակութային Կեանքի Մասին

$
0
0

15-16 մայիս 2018-ին տեղի ունեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու Ազգային ժողովին գործակցութեամբ կազմակերպուած` «Կրթամշակութային կեանքը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան տարիներին» գիտաժողովը:

15 մայիսի բացման նիստին ողջոյնի խօսքով եւ նման նիւթերով գիտաժողովներու կարեւորութեան մասին հանդէս եկան Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան:

Երեւանի պետական համալսարանի կեդրոնական շէնքին մէջ կայացած գիտաժողովին 1918-1920 տարիներու Հայաստանին նուիրուած կարճ զեկուցումներով հանդէս եկան 24 մասնագէտներ` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն: Զեկուցումներուն հիմնական առանցքը կրթական եւ մշակութային կեանքն էր, եւ այս առանցքին մէջ նիւթերը բազմազան եւ բազմաբնոյթ էին:

Առաջին նիստին ներկայացուեցան այդ տարիներու կրթական եւ մշակութային քաղաքականութիւնը, կրթութեան կազմակերպումը, դպրոցական համակարգը եւ սփիւռքի հետ կապերը:

 

Երկրորդ նիստին զեկուցաբերները ներկայացուցին կրթական-մշակութային կեանքին մէջ եկեղեցւոյ մասնակցութեան, արուեստի ու հայերէն ձեռագիրներու հանդէպ Առաջին Հանրապետութեան ընթացքին մշակուած քաղաքականութիւնը, Ազգային գրադարանի կազմաւորումն ու 1991-2018 տարիներուն հայաստանեան հեռատեսիլի կայաններու անդրադարձը Առաջին Հանրապետութեան պատմութեան:

Երրորդ եւ չորրորդ նիստերու զեկուցաբերները առաւելաբար գրական նիւթեր արծարծեցին: Ներկայացուեցան Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ընթացքին ստեղծուած գրականութիւնը, կրթական եւ մշակութային հարցադրումները, այդ տարիներուն Յովհաննէս Թումանեանի եւ Նիկոլ Աղբալեանի գրական գործունէութիւնն ու աշխարհահայեացքը, Զ. Խրախունիի մօտ պետական խորհուրդներու այլաբանութիւնը, «Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպի գրառումները: Ներկայացուեցան նաեւ զեկուցումներ` Կոստան Զարեանի «Նաւը լերան վրայ» վէպի եւ Երուանդ Ֆրանքեանի մասին:

Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին տեղի ունեցած քննարկումները կը խօսէին նիւթերու հանդէպ ստեղծուած հետաքրքրութեան մասին: Ուշագրաւ էին առաջին եւ երրորդ հանրապետութիւններուն միջեւ ընդգծուած զուգահեռները, որոնց ընդմէջէն աւելի կը շեշտուէին Առաջին Հանրապետութեան պետական ճիգերը` ունենալու համար արդիական, ամուր եւ ազգային կրթական-մշակութային համակարգ:

Հայաստանի Ա. անկախութեան 100-ամեակին ու Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 90-ամեակին առիթով կազմակերպուած այս գիտաժողովը յաջողեցաւ իրականացնել իր նպատակը` համակողմանիօրէն, գիտական եւ արդիական չափանիշներով քննելով հարիւր տարի առաջ ձեւաւորուած գրական-մշակութային կեանքը, լուսարձակի տակ առնելով գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտի պետական քաղաքականութեան հիմքերը, անդրադառնալով բարձրագոյն կրթական օճախներու եւ այլ ազգային հաստատութիւններու կազմաւորման եւ այլ նիւթերու: Անիկա նախանշեց նիւթերու լայն, շատ լայն շրջանակ մը, որ արժանի է աւելի ծաւալուն ուսումնասիրութեան ու ներկայացման, մանաւա՛նդ երբ այդ նիւթերը կը վերաբերին մեր պետականութեան պատմութեան կարեւոր մէկ շրջանին` Առաջին Հանրապետութեան:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Դանդաղ Քայլերով, Բայց Գիւղը Կը Ծաղկի. Քաշունիքի Գիւղապետ

$
0
0

ՏԱԹԵՒԻԿ ԱՂԱՋԱՆԵԱՆ

Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանը կը գտնուի Քաշունիք գիւղը: Քաշունիք համայնքը կ՛ընդգրկէ 3 գիւղ` Քաշունիք, Վերին Քաշունիք եւ Մորաջուր: Քաշունիք համայնքի սահմանային գօտիով կը հոսի Հագարի գետը: Համայնքը հարթավայրային է, ունի 2593.9 հեկտար տարածք, որմէ 1277.2 հեկտար գիւղատնտեսական նշանակութեան, 1184.9 հեկտարը անտառային հողեր են: Բնակիչները հիմնականին մէջ կը զբաղին գիւղատնտեսութեամբ եւ անասնապահութեամբ: Կը ցանեն ցորեն, գարի, հաճար: Գիւղին աշխարհագրական դիրքը եւ բնակլիմայական պայմանները բարենպաստ են շարք մը պտուղներ` ծիրան, դեղձ, նուռ, թութ, արքայանարինջ, տանձ, աճեցնելու համար:

Բնակչութեան թիւը 70 է` 23 տուն: Ինչպէս կը նշէ 2011 թուականէն Քաշունիքի գիւղապետ Լեւոն Մովսիսեանը, վերաբնակեցուելէն ետք,1990-ական թուականներու վերջերը, գիւղին բնակչութիւնը աւելի շատ էր: «Դպրոցի նախկին շէնքին մէջ աշակերտները երեք հերթով դասի կը յաճախէին, աւելի քան 80 աշակերտ ունէր դպրոցը», նշած է Լեւոն Մովսիսեանը եւ` աւելցուցած, որ հետագային ներքին գաղթի եւ արտագաղթի պատճառով բնակչութեան թիւը նուազած է:

Իսկ վերջին 10 տարիներուն, ըստ գիւղապետին,  գիւղէն հեռացող չէ եղած: «Այժմ բնակողներէն ոչ մէկը երթալու միտք ունի: Պատրաստ ենք նոր ընտանիքներ ընդունելու. 3 տուն ունինք, ուր կրնանք մարդ տեղաւորել: Երիտասարդներ կան, որոնք այստեղ  ծնած, մեծցած ու ամուսնացած են: Ճիշդ է` դանդաղ քայլերով, բայց գիւղը կը ծաղկի»,  ըսած է երիտասարդ գիւղապետը:

Գիւղը 2007 թուականէն ելեկտրականութիւն ունի, ապահովուած է նաեւ խմելու ջուրով: Ըստ գիւղապետին, թէ՛ շրջվարչակազմի աջակցութեամբ, թէ՛ գիւղացիներու ջանքերով ամէն տարի որոշ աշխատանք կը կատարեն գիւղին մէջ` ապրելու պայմանները բարելաւելու ուղղութեամբ: Սակայն ներկայիս լուծման կարօտ կը մնան համացանցի կապի բացակայութեան, դէպի գիւղ տանող ճանապարհի վերանորոգման, դպրոց խմելու ջուր հասցնելու խնդիրները: «Գիւղին մէջ խմելու ջուր կայ, բայց դպրոցը չունի. աշակերտները խմելու ջուրը իրենց հետ շիշերով կը բերեն, իսկ այստեղ մայիսէն ջերմաստիճանը 30 աստիճանէն բարձր կ՛ըլլայ», նշած է Լեւոն Մովսիսեանը` յոյս յայտնելով, որ խնդիրները շուտով կը լուծուին:

 

 

 

Մերօրեայ Անհեթեթութիւն

$
0
0

Ռ. Ա.

Բեմին վրայ թատերագիր, արձակագիր եւ հրապարակագիր Արա Արծրունիի «Կոնտոլեզիա իմ սէր» թատերախաղն է` բեմադրութեամբ  Յակոբ Տէր Ղուկասեանի:

Ներկայ է հեղինակը, հանդիպելու`  տեսանելի  արժէքներու վերածուած  իր գրական կերպարներուն հետ:

Արա Արծրունին եկած է Համազգայինի  «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին մէջ անսպասելին, տարօրինակը, զարմանալին… բեմադրիչին իւրօրինակ  մեկնաբանութիւնը տեսնելու:

Պաստառին` ներկայացման ժամանակաշրջանը բնութագրող տողերը, աշխարհի տարբեր  լեզուներէն մինչեւ հիէրօկլիֆներ ու սեպագիր  արձանագրութիւններ` հանդիսատեսը կը  նախապատրաստեն կրոթեսքին, անսպասելիին  ու զարմանալիին, աւանգարդային անհեթեթի  թատերախաղին, ուր պէտք չէ աւանդական  դիպաշար  փնտռել, քանի որ տուեալ ուղղութեան թատերախաղերուն մէջ աշխարհը կը ներկայանայ  կեանքի  օրէնքներուն  հանդէպ  անիմաստութեան  գիտակցումով  եւ  տրամաբանութենէ  զուրկ փաստերով:

Պատրա՞ստ ենք արդեօք ընկալելու` այս պարագային  այլաբանութեանը միախառնուած անհեթեթի թատրոնը: Ալպեր Քամիւին, Ժան Փոլ Սարթրին, Էժեն Իոնեսքոյին, Սամուէլ Պեքեթին եւ այսօր` Արա Արծրունիին  պէս  կեանքը ապրած մարդոց համար անհեթեթութիւնն է կեանքին իրականութիւնը: Ուրեմն պատրաստ  ենք  ընկալելու այդ իրականութիւնը, որովհետեւ  իւրաքանչիւրիս կեանքը սահմանուած կանոններու  մէջ անգամ անհեթեթութիւններու  ունայն շղթայ մըն է: Այստեղ մէկ կանոն կայ, ուր հեղինակ, բեմադրիչ, դերասան, բեմայարդարում, տարազ, դիմայարդարում, լոյս, ձայն, քուլիսային աշխատող… բոլորը արուեստի ներդաշնակ  կանոնի  մէջ են, բեմադրիչի յստակ տեսլականին մէջ:

Պարզ, այլաբանական, սակայն տարօրինակ  բեմայարդարման մէջ կը կայանայ Սեզար կոչեցեալ Շեֆին (Ժան Պեքերեճեան) եւ Ղուկաս կոչեցեալ ծերունիին (Զաւէն Պաաքլինի)  երկխօսութիւնը: Դերձաններու եւ ցիցերու դազգահը, որուն առջեւ կ՛աշխատի ծերունին, կարծես աշխարհի եւ տիեզերքի  քարտէսն է, մարդկային պատմութեան, գիւտերու, հակասութիւններու, էնթրիկներու եւ որոգայթներու լաբիւրինթոսը: Ռոքոկօ աթոռին բազմած շեֆը` «իսկական բեմադրիչը»  Աննիպալին (Խաչիկ Հրակ Տեմիրճեան) կը խոստանայ տուն, հարճեր, տգեղ սպասուհիներ, եթէ  վերջինս հրաժարի դռնապան ըլլալու պարզ ցանկութենէն` դառնալով իր քաղաքական «բեմադրութեան» հլու դերակատարը, յայտարարելով. «Եթէ նոյնիսկ ցից մը դնեմ իբրեւ թեկնածու, պիտի ընտրուի…»: Աննիպալ կը խոստովանի. «Ճարպիկ չեմ, ազնուական ալ չեմ, բայց ազնիւ եմ…»: Խոշոր  ոսկորը կարծես որկրամոլ վարչակարգի խորհրդանիշն է, որով եւ մարդկութեան «գիտական ցանցը ստեղծող» ծերունին եւ «նոր աշխարհ ստեղծող» շեֆը ԱԶՆՈՒԱԿԱՆ կ՛օծեն  ծագումով պարզ, ազնիւ, հայրենասէր Աննիպալը: Մերօրեայ իրականութեան մէջ առկայ  երեւոյթները  բեմական տարածութեան եւ ժամանակի մէջ ներկայացուած են  այլաբանական նուրբ, երբեմն կոշտ ցինիզմով: Ժամանակային մակընթացութիւններու եւ տեղատուութիւններու քաոսին մէջ մերթ ընդ մերթ «անթիք» քարոզիչ մունետիկներն ու ժամանակակից բարձրախօսները մէկը միւսը կը փոխարինեն` անհատը մեծարելու, փառաբանելու, աստուածացնելու, ապա կրկին զինքը տապալելու էնթրիկային մոլուցքով: Էնթրիկը բոլոր ժամանակներու մէջ էնթրիկ է, մունետիկներու միջոցով, ոստրէի կամ բարձրախօսի գործածութեամբ: Շատ բան չէ փոխուած: Նոյն գաղափարը կը շեշտուի, երբ Էտի հետախոյզը (Հրայր Գալեմքերեան) իր յայտարարութիւնները  կը կարդայ քարէ սալիկներու, ապա բջջային հեռաձայնին վրայ: Կը փոխուին մարդոց հագուստները, սնունդը, կենցաղի ու շրջապատի առարկաները, սակայն մարդկային էութիւնը  կը մնայ նոյնը:

Յակոբ Տէր Ղուկասեանի ներկայացման մէջ անսպասելի տեսարանները կը յաջորդեն իրարու` Ղուկաս ծերունիի ելեկտրականութեան, ապա մգլոտած հաց` փենիսելինի յայտնագործումը, վիրահատական սայլակին պառկած Աննիպալի  մուտքը, ոստիկաններու (Յովսէփ Գափլանեան, Մանուէլ Թոքմաքճեան, Կարօ Փանօղլեան)  եւ ճղճիմ մարդու (Էթիէն Սէօքիւնեան) հետ փայտէ կմախքներու ցուցարար ամբոխը…

Ուշագրաւ է Տիտի կին շեֆի (Նժդեհ Մկրտիչեան) իւրաքանչիւր մուտքը, ուր չկան  կատակերգականի ծայրայեղ, շատ յաճախ  կործանիչ հրապոյրները: Ամէն ինչ զուսպ է, չափի մէջ, հետեւաբար աւելի դիպուկ է, առաւել տպաւորիչ, առաւել կատակերգական:

Եւա (Արփի Սողոմոնեան) հպարտ է տարբեր ապօրինի կապերէ ծնած իր բազմաթիւ զաւակներով, սակայն երբ պէտք է, «ազնուական է ու ամօթխած»: Դարձեալ ծանօթ երեւոյթ մը:

Խօսնակուհիին (Ծովիկ Թորիկեան) ձայնը, անծանօթ բամբ  ձայնին (Կարօ Քիրիաքօ) առկայութիւնը եւ ցուցարարներուն  աղաղակը հանդիսատեսին երեւակայութեան մէջ  անսահմանօրէն կ՛ընդլայնեն բեմական տարածութիւնը:

Շարունակ կը լսուին Աննիպալին հայրենասիրական  տեսլականը ստուերող կոչեր. «Ընտրապայքարն է կարեւոր, հայրենասիրութիւնը  թող սպասէ… Ժողովուրդը  յիմարացնելը մեծ վարպետութիւն կ՛ուզէ… Բոլորին տրուած չէ էնթրիկ ստեղծելու տաղանդը… Գահին նստելէն ետք` ի՞նչ արդարութիւն, ի՞նչ ճշմարտութիւն…»: Խօսքեր, որոնց ի պատասխան` կը սկսի վայրագ գոյապայքար «նախանձի եւ  անձնասպանութեան… Սիրոյ  եւ երազի կապի» փնտռտուքով, «Մահուան ճղճիմութիւնը զգալու, հողին մօտ ըլլալու անհրաժեշտութեամբ…»:

Աննիպալի սկզբունքները տեղի կու տան  գայթակղութիւններուն:

Ամբոխի ամպագոռգոռ եւ հակասական աղաղակներու ներքեւ, վիրահատական սեղանին, ապա գահին վրայ կը յայտնուին Աննիպալի եւ Եւայի գրկախառնուած, մեռած  մարմինները  եւ… «հրաշալի լռութիւն… Այս է Բանը…»:

Այս է մերօրեայ անհեթեթութիւնը:

 

Գրողի Անկիւն. Դրամահաւաք Եւ Մասամբ Նորին

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Եթէ Յակոբ Պարոնեանի Պաղտասար աղբարը ողջ ըլլար, հաւանաբար պիտի ըսէր.

«Ոտքը կոտրէր այդ նամակաբերին եւ այդ նամակը մեզի բերած չըլլար»:

Միտքս պարզեմ: Տարիներ առաջ էր: Յստակ չեմ յիշեր: Միայն այն գիտեմ, որ օր մը մեր նամակաբերը նահանգի մանուկներու հիւանդանոցէն, մեր հասցէին ուղարկուած, բոլորովին անսովոր նամակ մը բերաւ: Անսովոր` այն իմաստով, որ հինգ-վեց էջերու նկարներու կողքին, կար նաեւ նիւթական օժանդակութիւն խնդրող բացիկ մըն ալ` վերադարձնելու պահարանով միատեղ, եւ որուն վրայ նուիրատուութեան չափն ալ ճշդուած էր:

Նամակի էջերէն մեկնած, ինծի համար ամէն բան տեսանելի էր` իրենց հասկնալի նպատակով: Գալով նկարներուն` պէտք է աւելցնեմ, որ նոյնիսկ պարզ դիտողն իսկ կրնար «զինաթափ» ընել, որովհետեւ հոն յոյսի ակնկալութեան գաղափարը ոչ միայն քեզ կը մղէր, այլ ձեւով մըն ալ կը ստիպէր, որ անպայման ընդառաջէիր:

Անկեղծօրէն, մեր գաղութի հայկական մարդասիրական միութիւններէն` ՀՕՄ, Հայ դատ, «Հայաստան» հիմնադրամ, ՀԲԸՄ, «Արարատ» տուն, տարին նման քանի մը պարզ նամակներ կը ստանայինք, եւ որոնց էականութեան եւ անհրաժեշտութեան քաջատեղեակ ըլլալով` երբեմն համեստօրէն կ՛ընդառաջէինք: Սակայն այս մէկը ուրիշ հարց էր:

Իսկ հիմա, «աջ ձեռքին տուածը, ձախը չիմանայ…» առածին հետեւելով, մեր «շատով», կարծեմ` իրենց շատ «քիչով», այդ նամակին անսացինք:

– Հէյ վա՜խ, տմպօ՛ չըլլաս, դո՛ւն էիր այդ մէկը ղրկողը.- պիտի ըսէր ողորմած մեծ մայրս. հապը կլլեցիր… նայէ՛` ըրած խէրդ ինչի՛ վերածուեցաւ…

Այսպէս, այդ թուականէն հազիւ շաբաթ մը անցած էր, իրարու ետեւէ նոյնանման նամակներ սկսանք ստանալ: Տեսակաւոր: Ծաղկաւոր: Գունաւոր եւ մանաւանդ` «մեծապատիւ մուրացկանները» յիշեցնող բովանդակութեամբ, կարծես մենք ալ «Բերա, Ծաղիկ փողոց, թիւ 2 բնակարանը կ՛ապրէինք»:

Մէկը` կոյրերու կազմակերպութենէն, միւսը` քաղցկեղի հաստատութենէն, ուրիշ մը` շաքարախտի յատուկ հիւանդանոցէն, այս մէկը` Ընտանի կենդանիներու պաշտպան միութենէն, այն մէկը` միասեռականներէն,  «վեթերաններէն», «Սելվէյշըն արմիէն», Հանրապետականէն եւ դեմոկրատներէն, պետական բարձր պաշտօններու «վազող» թեկնածուներէն, նոյնիսկ Սպիտակ տունէն եւ տակաւին` բոյսերու պաշտպաններէն եւ այլն, ու շարքը կ՛երկարի:

Եւ այսպէս, քանի մը օր անգամ մը, նիւթական «օգնութիւն» խնդրող նոր բացիկ մը, նոր նամակ մը, քանի մը էջերու խաբկանքով կազմուած տետրակով եւ կամ չոր ու ցամաք գրիչով նամակներ հասան: Այս բոլորը, որովհետեւ անխտիր բոլորն ալ մեր այդ նիւթական փոքր ներդրումով մեր մէջ տեսած էին «բարեգութ» քաղաքացին եւ ազնիւ նուիրատուն:

Եւ երբ այս «խեղճերը» մեզմէ յուսահատեցան, այս անգամ, տետրակ-մատիտի փոխարէն, սկսանք մեր տան յատուկ տպուած հասցէներ ստանալ: Մեծաքանակ, միօրինակ եւ գունաւոր, զարդարուն եւ կազմ ու պատրաստ` յաջորդ նամակիդ վրայ փակցուելու:

Ի՜նչ լաւ բան, մարդիկ մտածած են մեզի օգտակար դառնալ… կ՛ըսէի մտովի: Ու ինչ մեղքս պահեմ, մէկ տարուան ընթացքին այդ հասցէներուն թիւը անցած էր հազարը:

Է՜հ, ի՞նչ պիտի ընէինք այսքան պատրաստ հասցէներ…

Այլեւս ամէն բան ո՛չ համ ունէր եւ ո՛չ ալ հոտ: Ու ինծի համար զարմանալին այն էր, որ Ամերիկայի նման երկրի մէջ, ուր կարելի էր նոյնիսկ համակարգիչով կամ կայքէջով վճարումներդ կատարել, ալ ի՛նչ բանի պիտի ծառայէին այս հասցէները: Աստուա՛ծ իմ: Արդեօ՞ք այս մարդիկը այսքան տարրական «բաներ» չէին հասկնար: Չեմ գիտեր: Կ՛երեւի…

Այո՛, նուիրելը, օգնելը, անսանձ սիրոյ մը ժառանգութեանը արդիւնքն էին, սակայն ամէն ինչ չափ ունէր, ե՛ւ սահման, ե՛ւ կշիռ: Տակաւին կարգ մը «յանդուգն»-ներ վերադարձի պահարանին վրայ ալ պէտք եղած դրոշմաթուղթը փակցուցած կը ղրկէին:

Որպէսզի թէ՛ զիս եւ թէ՛ զիրենք ժամավաճառութենէ եւ կամ նամակատան ծախսերէ փրկէի, քանի մը անգամ անմեղօրէն եւ միամիտ փորձեցի երկտողով մը իրենց «յոյսը» կտրել տալ մեր հասցէէն, մեր վիզէն:

Չեղա՛ւ: Յամառ էին, չեմ գիտեր` որո՛ւ նման: Կարծես բոլորն ալ կոյրերու ներկայութեան նոյն պարն էր, որ կը պարէին, եւ կամ ալ խուլերու դիմաց` նոյն երգն էր, որ կ՛երգէին: Ասիական համերգի նման` տխուր, երկար եւ միանուագ: Նոյնքան ալ` ձանձրալի: Եւ ի տես այս անհամ իրողութեան` նուիրատուի զգացումներս իրապէս որ չորցած էին: Այս երեւոյթները արդէն մէջս ամէն տեսակի գութ եւ սէր ոչնչացուցած ըրած էին` իրենց հետ չորցնելով նաեւ մեղքի եւ կամ մեղքնալու զգացումս ալ: Ինծի համար իսկապէս չոր քարերուն իրենց գլուխը միեւնոյն քարերուն զարնող խենթերու կը նմանէին: Մէկ խօսքով, կը նմանէին պրկուած կոկորդներու, ուրկէ միայն միօրինակ եւ անզուսպ կանչեր կը լսես:

Յոյսը չկորսնցնող այս մարդիկը իսկապէս չափանիշները խախտած էին: Ի՞նչ կրնայի ընել: Անօգուտ: Մէկ տարուան ընթացքին արդէն ստացած էինք հազարաւոր մեր հասցէներու կտրօններ, որոնք յաճախ զարդարուած կ՛ըլլային տեսակաւոր ծաղիկներու, շնիկներու, թռչուններու, կատուներու եւ կամ ալ ամերիկեան դրօշակի զանազան գունաւոր նկարներով:

Իմ կարգիս, ճարահատ, սկսած էի անունիս բաժինը անջատել նկարներէն, իսկ մնացեալ գունաւոր եւ սիրուն նկարներու բաժինները` թոռներուս տետրակներու էջերուն եւ կամ թուղթերուն վրայ իբրեւ բարենիշ փակցնել, երբ անոնք ամէն անգամ «լաւ» բան մը ըրած ըլլային եւ, մանաւանդ, հայերէնով պատասխանած` հարցումներուս:

Բայց եւ այնպէս, անկախ այս բոլորէն, միշտ մտքիս մէջ տակաւին մնացած է միեւնոյն հարցումը:

– Հապա՞ մենք: Հապա՞ մերինները:

Գաղտնիք մը չէ, որ այլեւս աշխարհը բաց գիրքի մը վերածուած էր: Աւելի՛ն. նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլայի, եթէ նաեւ աւելցնէի, որ մեր կարգին, իբրեւ գաղութ, միութիւն կամ կազմակերպութիւն եւ կամ հայրենիք, ունէինք մեր բազմազան ակնկալութիւնները: Այսինքն, մէկ խօսքով, դրամահաւաք եւ սակայն իրենց սովորական ու դասական ձեւերով եւ մեթոտներով, բայց մէկ տարբերութեամբ, որ է` այս «մարդոց» անկրկնելի եւ անյուսահատ յամառութիւնը:

Այս բոլորը կ՛ուզեմ պարզօրէն արձանագրել, որովհետեւ էական կը նկատեմ կեանքի ու հասարակութեան ճշգրիտ ըմբռնումը: Օրուան կարիքներն ու նպատակին ընկալումն ու անոնց պարզաբանումը: Այլ խօսքով, մեր գաղութին մէջ ինչպէ՞ս համակրանք ստեղծել: Ինչպէ՞ս կանուխէն պատրաստել գաղութը անսակարկ նուիրաբերելու եւ ամէնէն կարեւորը` վստահութիւն ըսուածը ներշնչելու:

Մտքիս մէջ տակաւին լուսաւոր եւ կենսախինդ վաղը ունենալու նպատակն ալ կայ, առկայ է:

Հրահրենք էականը: Կեանքի կոչենք ճիշդ բառերը, ճիշդ մարդոցմով: Գաղութի մտքերուն մէջ կանուխէն վերստին բանանք կենսականը, էականը եւ գերագոյն նպատակը: Այս մէկը, կը կարծեմ, կը պահանջէ յաւելեալ նուիրում, լրջութիւն եւ լրջախոհութիւն, զգաստութիւն` հանդէպ մեր կառոյցներուն:

Որովհետեւ կը կարծեմ, որ մեր աշխատանքը սովորականէն եւ որոշ սահմաններէն անդին ցարդ չէ անցած:

Կարեւորը այս պարագային նպատակն է, նոյնքան ալ` կապն ու մեր աշխատանքի հաւատքը:

Վերջապէս, ե՞րբ պիտի կարենանք գիտնալ եւ կամ տիրանալ իսկապէս Ամերիկայի մէջ հայ մնալու գաղտնիքին տիրանալու բանալիին: Պէտք է ընդունինք, որ հոս հազարաձայն հեւքով երկիր մըն է: Ձեւերն ու որդեգրումները` շատ: Նոյնքան ալ` ակնկալութիւնները: Թէեւ մեզի համար նաեւ անտարբեր աշխարհ մըն է, ուր կ՛ապրինք երկու կեանք, եւ երկուքն ալ` հակասական, սակայն արդէն ժամանակն է, որ զգացումներու խաբկանքէն դուրս գանք:

Մեր մտքերը պէտք չէ որ կանգ առնեն կամ` հրաժարին կանգ առնելէ: Պէտք է նոր ձեւով որդեգրումներ եւ կամ աշխատանքներ ծրագրել եւ կատարել: Կարծես ներքին հաշտութիւն մը ունինք, հինցած ծամոնի նման: Կարեւորը իսկապէս ու ժամանակէն առաջ թափանցելն է մարդոց խճողուած ժամանակներուն մէջ ու զանոնք ներգրաւել: Այլեւս նամակներու տողերը եւ կամ վերջին ժամու կոչերը կորսնցուցած են իրենց խորհրդաւորութիւնն ու լիարժէք իմաստը: Փաստ, տարիներու հանգանակուած մեր գումարներու արդիւնքները:

Պէտք է տեսնել իրականութիւնը: Վստահութեան պակասէն մեկնած` կարծես դրամահաւաքի սէրն ու նպատակը յաճախ փշուր-փշուր եղած ըլլայ: ժամանակէն առաջ պայման է զայն վերականգնել` հաւատքով եւ հասկնալի մտածումներով, հեռու` հին եւ հինցած մեթոտներէն:

Այս մէկը «դեղատոմս» մըն է` մտահոգ հայորդիէ մը: Մեղքը ձեր վիզը:

bedig43@aol.com

 

 

15 Մայիս 1916. Հայոց Գաղափարի Զինուոր Առիւծը` Քաջն Քեռի Ինկաւ Ռեւանտուզի Ահեղ Կռուին

$
0
0

Ն.ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

15 մայիսի այս օրը, 1916 թուականին, թանկագին արեամբ գրուեցաւ հերոսական ու անմոռանալի էջերէն մէկը հայոց դիւցազնական ազատամարտին:

102 տարի առաջ, մայիս ամսու այս օրը, զոհուեցաւ հայ ժողովուրդի անզուգական հերոսներէն Քեռին, որ աւազանի անունով Արշակ Գաւաֆեան մկրտուած էր, եւ որ իր զոհաբերութեան, քաջագործութեան ու առաքինութեան համար արժանացաւ մեր ժողովուրդին կողմէ ՔԵՌԻ կոչուելու սրտաբուխ պատիւին:

Չորրորդ գնդի հրամանատար քաջ Քեռի,
Ինքդ արի եւ գործերդ միշտ բարի,
Սրտաճմլիկ լուրդ առինք ցաւալի,
Քաջաց քաջն` հերոս Քեռի պանծալի:

Հայ ժողովուրդի հերոսական դէմքերու լուսապսակ մատեանին մէջ իր անզուգական տեղը ունի Քեռին` իբրեւ առինքնող մարմնաւորումը մարտունակ քաջութեան, յեղափոխական կամքին ու անկեղծ զինուորի նկարագրին, որոնք երբ կը մէկտեղուին հայրական հոգածութեամբ իր ազգին ու հայրենիքին պահապան կանգնող մարդուն մէջ, ո՛չ յոգնութիւն կը ճանչնան, ո՛չ ալ ժամանակի մաշում: Ընդհակառակն,  ի վիճակի են պահպանելու իրենց անսպառ թարմութիւնը եւ անարատ յանդգնութիւնը, որքան ալ ժամանակը փորձէ խոհեմութեան ու իրատեսութեան, համակերպումի ու ձեռնթափութեան կապանքներուն ենթարկել երիտասարդական տարիքին բնորոշ մարդկային ըմբոստացման ոգին:

«Քաջաց քաջը` հերոս Քեռին պանծալի» ճիշդ այդ յաւերժ երիտասարդ դէմքն է ալեհեր հայ յեղափոխականի, որ հայոց սերունդներուն անվհատ մարտունակութիւն եւ աներեր հաւատք ներշնչող անկորնչելի աւանդ մը դարձաւ թէ՛ իր կենդանութեան, թէ՛ ռազմի ճակատին վրայ իր հերոսական թռիչքով ու մարտիրոսացումով:

Աւելի քան դար մըն է ահա, որ հայոց սերունդներուն համար մայիս 15-ը կը խորհրդանշէ յաղթական վերջին գրոհը հայ ազգային-ազատագրական շարժման տիտաններէն անզուգական Քեռիին, որ Ռեւանտուզի (այժմու Իրաքի մէջ) ճակատին վրայ, թրքական զօրքերու օրհասական պաշարման մէջ գտնուող հայ եւ ռուս զինուորները ազատելու պահուն, ճակտէն զարնուած ինկաւ ռազմի դաշտին վրայ:

Ինչպէս որ Քեռիին նուիրուած ազգային-յեղափոխական հանրածանօթ երգը կը վկայէ`

Ռեւանտուզի կռիւն էր շատ ահաւոր,
Թշնամու զօրքերն էին բիւրաւոր,
Տասնինը տասնվեց մայիս տասնհինգին,
Հայոց առիւծն ինկաւ վրէժը կրծքին:

1916-ի մայիս 12-18 երկարող օրերը բախտորոշ նշանակութիւն ունեցան հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական ապագային համար:

Ա. Աշխարհամարտի թոհուբոհին մէջ, թուրք-ռուսական պատերազմի երկար ճակատի հարաւային` Պարսկաստանի հատուածին վրայ, թրքական բանակը յաջողած էր պաշարման վտանգաւոր օղակի մէջ առնել ռուսական զօրքն ու հայ կամաւորականները. ջախջախիչ պարտութիւնն ու ստոյգ կործանումը կը սպառնային ռուս- հայկական կողմին:

Մայիս 12-ին թրքական 12 հազարանոց բանակը ուժեղ յարձակում մը գործեց պարսկական Ռեւանտուզ քաղաքին վրայ, ուր դիրքաւորուած էին ռուս եւ հայկական ուժերը: Թշնամին գրաւեց Ռեւանտուզը եզերող լեռնային բարձր դիրքերը եւ աստիճանաբար սկսաւ սեղմել պաշարման օղակը:

Ահա՛ այդ օրհասական պահուն, մայիս 15-ին, քաջարի հերոս մը շրջեց պատմութեան անիւին կործանարար թաւալումը:

Հայ կամաւորական 4-րդ գունդի հրամանատար քաջ Քեռին ձեռնարկեց թրքական պաշարման շղթան ճեղքելու յանդուգն գրոհի մը:

Մայիս 15-ին իր վաշտերէն մէկուն եւ 40-50 ձիաւորներու գլուխն անցած` Քեռի անակնկալօրէն յարձակում գործեց թրքական դիրքերուն վրայ եւ ահեղի մարտով կրցաւ դէպի ձորը հրել թշնամի զօրքը:

Քեռի յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ. թրքական պաշարումը ճեղքուեցաւ եւ Ռեւանտուզի մէջ դիրքաւորուած ռուս-հայկական ուժերը ընդհանուր յարձակողականի անցան:

Բայց յաղթանակով պսակուած այդ գրոհի գլխաւոր հերոսին համար ճակատագիրը վերապահած էր դառնագոյն իր խաղերէն մէկը. յաղթական իր թռիչքի աւարտին մահառիթ փամփուշտը յանկարծ ճակտէն հարուածեց առիւծակերպ հերոսը: Քեռի հազիւ կրցաւ «Վա՜յ, բալանե՜րս, ես խփուեցայ»… ճիչը արձակել ու վերջին շունչը աւանդեց:

Ծանր էր կորուստը, մեծ էր կսկիծը, բայց Ռեւանտուզի կռիւը շարունակուեցաւ մինչեւ մայիս 18, երբ ռուս-հայկական ուժերը վերջնական ու ջախջախիչ պարտութեան մատնեցին թրքական բանակը, որ աւելի քան հինգ հազար զոհ տալով` խուճապահար փախուստի դիմեց:

Անգութ մահը քեզ մեզանից բաժանեց,
Մեր սրտերում անբուժելի վէրք բացեց,
Մի՞թէ չար գնդակը քեզի որոնեց,
Գաղափարդ եւ յոյսերդ խորտակեց:

Քեռի իր արեամբ` իր կեանքի նուիրաբերումով նուաճեց յաղթանակը:

Քեռիի անկենդան մարմինը փոխադրուեցաւ Թեհրան, ուր մեծ շուքով, ժողովրդային սիրուած հերոսի փառքով, Դաշնակից Ուժերու դեսպանական եւ հրամանատարական ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, արժանացաւ պետական եւ ազգային յուղարկաւորութեան: Ապա մարտիրոս հերոսին անշունչ մարմինը փոխադրուեցաւ Թիֆլիս, որպէսզի հայոց Խոջեվանքի գերեզմանատան մէջ գտնէ իր յաւիտենական հանգիստը:

Ծանօթ է, որ խորհրդային կարգերու տակ Խոջեվանքի հայոց գերեզմանատունը անտիրութեան մատնուեցաւ եւ շատ ու շատ մեծանուն հայորդիներու շիրիմներուն հետ քանդուեցաւ, ու անհետացաւ նաեւ Քեռիին գերեզմանը:

Այդուհանդերձ, հայ ժողովուրդը առյաւէտ իր սրտին մէջ կենդանի ու վառ պահեց յիշատակը քաջարի իր հերոսին` անոր նուիրուած երգը դարձնելով մեր սերունդներու ամէնէն սրտամօտ ու հոգեհարազատ բաբախումներէն մէկը.

Թող լռեն սոխակներ է՛լ չը ճլուըլան,
Սլացէ՛ք կռունկներ դէպի Հայաստան,
Լուր տարածեցէք դուք համայն հայութեան,
Հայոց պաշտպան Քեռին մտաւ գերեզման:

Քեռի հերոսի մահով պսակեց աննկուն յեղափոխականի եւ քաջարի ֆետայիի իր երկար ու փշոտ, այլեւ փառահեղ ուղին:

Քեռի ծնած էր Կարին, որ հայ ազգային-ազատագրական շարժման շղթայազերծման կարեւորագոյն օրրաններէն մէկը հանդիսացաւ: Դժբախտաբար միայն կցկտուր տեղեկութիւններ պահուած են էրզրումցի Քաւթար Արշակ անունով հայ յեղափոխական շարժման երիտասարդ տարիքէն զինուորագրուած քաջ ֆետայիին կեանքի մանրամասներուն` ընտանեկան պարագաներուն, մանկութեան եւ պատանեկութեան վերաբերեալ: Մինչեւ անգամ ծննդեան թուականը ստուգելու դժուարութիւն ունինք. կենսագիրները կը տարուբերին 1858-ի եւ 1863-ի միջեւ:

Քեռի շատ կանուխէն մասնակից դարձած էր հայ յեղափոխական խմորումներուն: 1880-ի Կարնոյ մեծ ցոյցին կազմակերպիչներէն էր, Արամ Արամեանի սերտ գործակիցը եղած էր. մասնակցած էր Կուկանեանի հռչակաւոր արշաւախումբին, որուն դէմ ցարական իշխանութեանց ձեռնարկած հալածանքի ժամանակ յաջողած էր ձերբակալութենէ փախուստ տալ. 1894-95-ի կոտորածներու շրջանին մասնակցած էր Կարնոյ ինքնապաշտպանական կռիւներուն. այնուհետեւ անցած էր Կովկաս եւ ամբողջութեամբ նուիրուած էր Դաշնակցութեան ֆետայական գործունէութեան:

1898-ին մասնակցած էր Խանասորի արշաւանքին, ապա անցած էր Սասուն, ուր 1903-1904 սերտ գործակիցը դարձած էր Անդրանիկի` Սասնոյ ապստամբութեան շրջանին: 1905-ին քաջ հայդուկը Սիսիանի ճակատի ղեկավարն էր հայ-թաթարական կռիւներու ժամանակ: 1908-ին անցած էր Պարսկաստան` Սահմանադրական շարժումի կռիւներուն Եփրեմի աջ բազուկը դառնալով եւ, վերջինի նահատակութենէն ետք, ստանձնելով գլխաւոր հրամանատարի պատասխանատուութիւնը: Իր քաջագործութիւններուն համար պարսկական իշխանութեանց կողմէ արժանացած էր Խան տիտղոսին եւ կենսաթոշակի:

Անուանի հայդուկապետ եւ ժողովրդական սիրուած հերոս էր Քեռի, երբ 1912-ին իր մասնակցութիւնը բերաւ Պալքանեան պատերազմին եւ իր քաջագործութեանց համար արժանացաւ ռուսական բանակի Ս. Գէորգ պատուանշանին:

Իսկ երբ բռնկեցաւ Ա. Աշխարհամարտը, հայ կամաւորական գունդերէն մէկուն` չորրորդ գունդին հրամանատարութիւնը արդարօրէն յանձնուեցաւ հայդուկապետ Քեռիի: Մինչեւ Ռեւանտուզի օրհասական կռիւը` Քեռի իր ղեկավարած կամաւորական չորրորդ գունդով հերոսական նոր քաջագործութիւններ կապեց իր անունին, յատկապէս` Սարըղամիշի կռիւներու ընթացքին:

Թէեւ կենսագիրները շատ ժլատ գտնուած են Քեռիի անձն ու գործը ըստ արժանւոյն սպառիչ կերպով ներկայացնելու իմաստով, այսուհանդերձ, բոլորն ալ համակարծիք են, որ` «պարզ, համեստ, բայց` խիստ, Քեռին պաշտուած էր ամէնուրեք` իր ֆետայիներուն եւ կամաւորներուն կողմէ, ու շա՜տ սիրուած` զինուորական թէ յեղափոխական իր բոլոր ընկերներուն կողմէ»:

Դու ամէն տեղ վազում էիր օգնութեան,
Քեզ ազդում չէր ո՛չ սուր, ո՛չ թուր, ո՛չ գնդակ,
Ամէնքին անխտիր էիր դու պաշտպան,
Կոչմանդ արժանի, հերոս Քեռի խան:

Միքայէլ Վարանդեան, 1916-ի դեկտեմբեր 28-ին, Թիֆլիսի «Հորիզոն»-ին մէջ ներկայացնելով Քեռիի հայդուկապետի վաստակը, հայոց «քաջաց քաջ»-ին մասին գրեց.

«Ոչինչ այնքան չէր յուզում ինձ երեւանեան մեր ընկերական հաւաքոյթների ժամանակ, ինչպէս այն վայրկեանը, երբ Անդրանիկ ու Քեռի նստում էին քովէ-քով եւ ձեռները իրարու վզով փաթաթում: Հայ ժողովրդի երկու մեծ ռազմիկները` իրարու փաթթուած, կոշտ ու կոպիտ, ինչպէս ինքը` այդ ժողովուրդը, անսահմանօրէն խիզախ ու անձնուրաց… մի մի ժայռեր` բռնակալութեան հողմերի հանդէպ»:

Այո՛, թրքական բռնակալութեան դէմ ծառացած հայկական անառիկ ժայռ մը եղաւ Քեռին, որ ընդ հուր եւ ընդ սուր իր կտրած մարտի ճանապարհը պսակեց յաղթանակով` վահանի վրայ վերադառնալով ռազմի դաշտէն, իբրեւ այդպիսին` «Չորրորդ գնդի հրամանատար քաջ Քեռին» յաւէտ պիտի ապրի հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ` մարմնաւորելով անհաւասար ուժերով ու յանուն գաղափարի մղուած յարատեւ կռուի մէջ մազերը ճերմկցուցած, բայց յոգնութիւն եւ ծերութիւն չճանչցող յաւերժ երիտասարդ դէմքը անկեղծ դաշնակցականին եւ անբասիր ֆետայիին:

Մահդ Դաշնակցութեան մեծ ցաւ պատճառեց,
Եւ ընտանիքիդ ալ սիրտը խռովեց,
Համարեա՛ թէ ամբողջ Կովկասը ցնցուեց,
Քեզ համար շատ մայրեր լացին ողբացին:

Ինչպէս որ Քեռիի մարտիրոսացման առիթով Գահիրէի ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Յուսաբեր» պիտի հաստատէր 11 յուլիս 1916-ի իր խմբագրականով` «Ամբողջ երեսուն տարի ան իր լայն հոգիին մէջ ապրած էր բովանդակ զուլումն ու տարտը իր դժբախտ ու սիրելի ժողովուրդին, միացած էր անոր հնհնուքներով, արտասուած էր անոր արցունքներով, փոթորկուած էր անոր խռովքներով:

«Պարզ ու անպաճոյճ, ինչպէս վայել է գաղափարի զինուորին, լուռ ու մռայլ, ինչպէս մռայլ էր հայկական ցաւոտ իրականութիւնը, Քեռին միակ սէր մը ճանչցած էր` հայրենիքի սէ՛րը, միակ կիրք մը` պայքարին տարփա՛նքը, միակ իտէալ մը` ազատութեա՛ն իտէալը»:

Այո՛, թրքական բռնակալութեան դէմ ծառացած հայկական անառիկ ժայռը մարմնաւորեց Քեռին, որ ընդ հուր եւ ընդ սուր իր կտրած մարտի ճանապարհը պսակեց յաղթանակով` վահանի վրայ վերադառնալով ռազմի դաշտէն: Իբրեւ այդպիսին, իբրեւ միշտ երիտասարդ ու հայոց նորահաս սերունդները ոգեշնչող յեղափոխականի ու գաղափարի զինուոր` «Չորրորդ գնդի հրամանատար քաջ Քեռին» յաւէտ պիտի ապրի հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ:

 


Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ Եւ Ֆրանսայի` Սուրիան Ռմբակոծելէն Ամէնէն Շատ Վնաս Կրողը Թուրքիան Է

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Մինչ մեկնաբաններուն մեծ մասը կեդրոնացած է Սուրիոյ մէջ ամերիկեան, բրիտանական եւ ֆրանսական թիրախային ռմբակոծումի պատճառներուն եւ հետեւանքներուն վրայ, միայն շատ քիչերը կը գիտակցին, որ այս յարձակման պատճառով ամէնէն շատ վնասուողը Թուրքիան պիտի ըլլայ:

Երկու շաբաթ առաջ, երբ նախագահ Թրամփ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները «շատ շուտով» իր զինուորները դուրս պիտի բերէ հիւսիսային Սուրիայէն, թրքական կառավարութիւնը հրճուանքի մէջ էր: Թրքական ներխուժումը Աֆրին նպատակ կը հետապնդէր ընդլայնել Մընպեճի եւ ամբողջ հիւսիսային Սուրիոյ բռնագրաւումը` այդ շրջանէն քիւրտ զինեալները դուրս մղելու համար: Թրքական զօրքերու ճամբուն վրայ կանգնած միակ խոչընդոտը ամերիկեան զինուած ուժերն էին` Մընպեճի շրջանին մէջ իրենց 2000 զինուորներով: Ամերիկեան զօրքերուն վրայ յարձակելու թրքական յաճախակի սպառնալիքները չէին վախցուցած Միացեալ Նահանգներու հրամանատարները, որոնք հաստատակամ էին տեղւոյն քրտական բնակչութեան պաշտպանութեան գործին մէջ:

Երկու շաբթուան ընթացքին Թրամփ փոխեց իր դիրքորոշումը` Սուրիայէն ամերիկեան զօրքերու անյապաղ հեռացման գծով: Ուաշինկթընի եւ Փարիզի վերջին զեկոյցներուն մէջ կը նշուի, որ Փենթակոն եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն «համոզած» են նախագահ Թրամփը` մինչեւ Սուրիոյ ճգնաժամի լուծումը Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերը Սուրիոյ մէջ պահելու, կամ` ամերիկեան ուժերը արեւմտեան եւ արաբական այլ երկիրներու ուժերով փոխարինելու առումով: Թուրքիոյ ղեկավարները եւս հիասթափուած էին, որ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընը պաշտօնանկ ըլլալուն պատճառով չէր կրնար պահել Էրտողանին տուած իր այն խոստումը, ըստ որուն, ամերիկեան զօրքերը շուտով պիտի հեռանան հիւսիսային Սուրիայէն:

Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զօրքերու կեցութեան պատճառով կը սահմանափակուի Թուրքիոյ կարողութիւնը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական զինեալներու վրայ յարձակելու: Հակառակ իր խենթ պոռթկումներուն` Էրտողան չի պատրաստուիր թիրախ դարձնելու Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերը, կամ, ինչպէս ինք կը նկարագրէ, «օսմանեան ապտակ հասցնելու ամերիկացիներուն»…Այսպիսով, Դամասկոսի մօտերը գտնուող Տումայի մէջ քաղաքացիներու վրայ Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ քիմիական յարձակումներու անհիմն մեղադրանքները հաւանաբար կազմակերպած էին անոնք, որոնք կը փափաքէին կանխել ամերիկեան զօրքերու հեռացումը հիւսիսային Սուրիայէն` մեծ ցաւ պատճառելով Թուրքիոյ…Հետաքրքրական է, որ ռմբակոծումէն քիչ առաջ Թրամփ իր ելոյթին մէջ ոչ մէկ խօսք ըսաւ այն մասին, թէ ինչպիսի՛ ապացոյցներ ունի քիմիական յարձակման մէջ Սուրիոյ վարչակազմի պատասխանատուութեան առնչութեամբ:

Տեղին է նշել, որ Սուրիան ռմբակոծելը հակասական արձագանգներ յառաջացուց Թուրքիոյ մէջ: Թէեւ Էրտողան դժգոհ էր Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զօրքերու կեցութենէն, սակայն հրճուանքի մէջ էր Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի յարձակումներուն պատճառով, որովհետեւ Թուրքիա կը փափաքէր թուլցնել սուրիական վարչակարգը եւ տապալել նախագահ Պաշշար Ասատը: Սակայն ռմբակոծումը այսպիսի նպատակ չունէր. նախագահ Թրամփ յարձակումէն ետք  իր «Թուիթըր»-ի էջին վրայ գրեց. «Առաքելութիւնը աւարտած է»…Բոլորը, բացառութեամբ Էրտողանի, համաձայն են, որ նախագահ Ասատ կը տիրապետէ իրավիճակին` Սուրիոյ ճգնաժամին մէջ, եւ թէ` անոր տապալումը միայն կը նպաստէ տիրող իրավիճակի վատթարացման` Սուրիոյ եւ տարածաշրջանին մէջ…

Սուրիան ռմբակոծելու թրքական գովասանքի բացասական հետեւանքը յարաբերութիւններու վատթարացումն էր Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ, որոնք նախագահ Ասատի հաւատարիմ պաշտպաններն են եւ` այդ հարուածները խիստ քննադատողները: Բացի ատկէ, Էրտողան  թշնամացուցած է իր ներքաղաքական ընդդիմութիւնը եւ` թրքական հասարակութեան մեծ հատուած մը, որոնք վրդոված են եղբայրակից մահմետական երկիրի մը վրայ արեւմտեան երկիրներու յարձակումներուն պատճառով:

Թուրքիա նաեւ դժգոհ է, որ նախագահ Թրամփ յարձակումէն առաջ իր ելոյթին մէջ որպէս «մեր բարեկամներ» յիշատակած է Սէուտական Արաբիան, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւնները, Քաթարը եւ Եգիպտոսը` անտեսելով ՕԹԱՆ-ի դաշնակից Թուրքիան` Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ անոր մերձեցման պատճառով:

Հետաքրքրական է, որ Թրամփ իր ելոյթին մէջ քննադատած է Ռուսիան եւ Իրանը` ըսելով. «Ինչպիսի՞ պետութիւններ կը փափաքին կապուած ըլլալ անմեղ մարդոց, կիներու եւ մանուկներու զանգուածային սպանութիւններու հետ: Աշխարհի պետութիւնները կարելի է դատել անոնց բարեկամներով: Վերջ ի վերջոյ, ոչ մէկ ազգ կրնայ յաջողութեան հասնիլ` աջակցելով ստոր պետութիւններու, դաժան բռնակալներու եւ արիւնարբու բռնապետներու»: Ցաւալի է, որ ապրիլ 24-ի` Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցի նախօրէին, Թրամփ կը յարձակի այլ երկիրներու վրայ, որոնք կ՛ընկերակցին արիւնարբու պետութեան` անտեսելով այն փաստը, որ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցը Թուրքիան է: Երկիր մը, որ կը ժխտէ 1,5 միլիոն հայերու սպանդը եւ կը պաշտպանէ իրեն նախորդող` քրէական օսմանեան վարչակարգը, որ իրականացուցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ Քրիստոսի խօսքերը. «Կեղծաւո՛ր, նախ հանէ՛ քու աչքէն գերանը, ապա միայն կրնաս յստակ տեսնել` եղբօրդ աչքէն շիւղը հանելու համար»:

Ինչպէս գրած էի տարի մը առաջ, երբ նախագահ Թրամփ «Թոմահոք» տեսակի հրթիռներ արձակած էր Սուրիոյ վրայ, ան պարզապէս հարուածած էր Սուրիան` ամերիկեան հասարակութեան ուշադրութիւնը շեղելու համար սեռային բազմաթիւ  անբարոյականութիւններէ, ապօրինութիւններէ եւ Ռուսիոյ հետ իր գաղտնի յարաբերութիւններուն կապուած քննութիւններէն:

Վերջապէս, Թրամփ, Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ եւ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն խախտած են իրենց երկիրներուն սահմանադրութիւնները` պատերազմելով մէկ այլ ինքնիշխան պետութեան դէմ, առանց ստանալու իրենց օրէնսդիր մարմիններուն համաձայնութիւնը:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Թանգարանի Վերածուած Գիւղին Մէջ Ամէն Ինչ Մնացած Է Այնպէս, Ինչպէս` Կոտորածէն Ժամեր Անց

$
0
0

Այս վայրի պատմութիւնը կ՛ամփոփէ Բ. Համաշխարհային պատերազմի ողբերգական դրուագներէն մէկը: 1944 թուականի յունիս 10-ին ֆրանսական խաղաղ Օրատուր-սիւր-Կլան գիւղին վրայ յարձակեցաւ հիթլերեան «Վաֆֆեն-ԷսԷս» խմբաւորումը, որուն 150 անդամները քանի մը ժամուան ընթացքին կոտորեցին գիւղի 642 բնակիչ` չխնայելով ոեւէ մէկը: Մինչ օրս ալ չկայ անոնց այս քայլին ստոյգ բացատրութիւնը, սակայն կայ վարկած, որ գերմանացիները պարզապէս շփոթած էին գիւղին անունը Օրատուր-սիւր-Վայրես գիւղին անուան հետ: Այս գիւղին մէջ կը  պահուէր մէկ օր առաջ գերի ինկած գերմանացի բարձրաստիճան զինուորականը:

Հետագային աւերուած գիւղին քով կառուցուեցաւ Նոր Օրատուր-սիւր-Կլան գիւղը, իսկ հինը մնաց անձեռնմխելի ու այժմ վերածուած է թանգարանի, ուր ամէն ինչ մնացած է այնպէս, ինչպէս` կոտորածէն ժամեր անց:

 

Տրապիզոնի` Մզկիթի Վերածուած Եկեղեցիները

$
0
0

Akunq.net-ը թուրքերէնից թարգմանաբար եւ առանց կրճատումների ներկայացնում է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչած թուրք սիւնակագիր Սերտար Քորուճուի յօդուածը` Տրապիզոնում մզկիթի վերածուած բիւզանդական եկեղեցիների մասին.

ՍԵՐՏԱՐ ՔՈՐՈՒՃՈՒ

Թարգմանեց ԱՆԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԸ

Տրապիզոնի Օրթահիսար գաւառի Քարշըեաքայ թաղամասում գտնուող Մոլլա Հալիլ մզկիթի շուրջ վէճ էր առաջացել: Պատճառն այն պնդումն էր, որ մզկիթի ճարտարապետական ոճը նման է եկեղեցու: Այնինչ, նոյն շրջանում բազմաթիւ եկեղեցիներ կան, որոնք մզկիթի են վերածուել:

«Ինչպէս տեսնում էք, ճարտարապետական կառոյցը մեր թուրքական ճարտարապետութեանը համապատասխան չէ: Այն տեսնող մարդիկ հարցնում են. «Այստեղ եկեղեցի՞ է կառուցւում»: Որպէս սեւծովեան շրջանում բնակուող քաղաքացիի` մեզ յարիր չէ եկեղեցու նմանուող մզկիթ ունենալ»: Այս խօսքերը թուրքական «Տողան» գործակալութեանն ասել է շրջանի բնակիչներից մէկը` նկատի ունենալով Տրապիզոնի Օրթահիսար գաւառում գտնուող Մոլլա Հալիլ մզկիթը: Սակայն շրջանում կան բազմաթիւ մզկիթներ, որոնք Բիւզանդական կայսրութեան «երրորդ ճիւղը» համարուող Տրապիզոնի կայսրութիւնից մնացած եկեղեցիներից են վերածուել մզկիթի: Տրապիզոնի կենտրոնում գտնուող եւ այսօր որպէս մզկիթ օգտագործուող բիւզանդական այդ եկեղեցիների թւում են նաեւ Այա Սոֆիայի, Փանագիա Խրիսոքեֆալոսի (Օրթահիսարի մզկիթ) եւ Սուրբ Եւգենիոսի (Ենի Ճումա մզկիթ) եկեղեցիները: Այս կառոյցները անցած դարի սկզբին էլ վէճի առարկայ էին, քանի որ 1916-1917 թթ. սոյն շրջանը գտնւում էր ռուսական տիրապետութեան տակ: Ռուսական ուժերը, երբ գրաւեցին Տրապիզոնը, թուրքերի կողմից կառուցուած բոլոր մզկիթներում թոյլ տուեցին իսլամական կրօնական ծէսեր անցկացնել, սակայն մզկիթի վերածուած եկեղեցիների համար որոշումներ հրապարակեցին, որոնց համաձայն, Այա Սոֆիայի, Փանգիա Խրիսոկեֆալոսի եւ Սուրբ Եւգենիոսի գլխաւորութեամբ, 7 եկեղեցում հնագիտական պեղումներ էին իրականացուելու, եւ մուսուլմանական ծէսեր այդ վայերում չէին կատարուելու: Երբ այդ վայերում աւարտուէին հնագիտական աշխատանքները, նրանք կրկին իրենց դռները կը բացէին որպէս եկեղեցիներ:

Ռուսների կողմից այդ շրջանում սկսուած հետազօտութիւնների ընթացքում` 1916 թ., ռուս հնէաբան Ֆեոտոր Ուսփենսքին, Տրապիզոնի կայսր Ալեքսիոս Մեգաս Կոմնենոս Երրորդի գերեզմանը գտնելու նպատակով ուսումնասիրում էր Փանագիա Խրիսոկեֆալոսի պարտէզը, որտեղ գտնւում էին Տրապիզոնի հարստութեան անդամների եւ բարձրաստիճան հոգեւորականների գերեզմանոցները: Ուշագրաւ էր, որ այս կայսեր գերեզմանոցը գտնւում էր առասպելական օսմանեան հերոս Հոշօղլանի դամբարանում, ով ենթադրաբար եղել է այն ենիչերիների շարքերում, ովքեր օսմանցիների կողմից գրաւել էին Տրապիզոնը: Ռուս մասնագէտները պարզելով, որ դամբարանն իրականում Տրապիզոնի կայսեր դամբարանն է, եկեղեցում ծէս են կատարում վախճանուած կայսեր պատուին: Սակայն այս ամբողջ գործընթացը փոխւում է, երբ ռուսական ուժերը 1917 թ. Հոկտեմբերեան  յեղափոխութիւնից յետոյ` դեկտեմբերի 17-18, ստորագրում են Երզնկայի պայմանագիրը, որով ռուսները պէտք է լքէին շրջանը:

1918 թ. յետոյ այս շրջանում բիւզանդական եկեղեցիների մեծ մասը դեռեւս օգտագործւում է որպէս մզկիթ: Սակայն նրանց մէջ վիճայարոյց է մնում Այա Սոֆիան: Ուշ շրջանի բիւզանդական եկեղեցիների գեղեցիկ օրինակ հանդիսացող այս կառոյցը 1461 թ. սուլթան Մեհմետ Ֆաթիհի կողմից քաղաքի գրաւումից յետոյ վերածւում է մզկիթի: Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ որպէս պահեստ ու հիւանադանոց օգտագործուած կառոյցը, շրջանի միւս բիւզանդական եկեղեցիներից տարբեր լինելով, 1958-1962 թթ. վերակառուցւում է ու 1964 թ. իր դռները բացում որպէս թանգարան: Սակայն Վաքըֆների գլխաւոր տնօրինութիւնը դատական հայց է ներկայացնում` այն հիմքով, որ կառոյցը պատկանում է Սուլթան Մեհմետ Ֆաթիհ վաքըֆին: 2012 թ. այս գործով դատական վճռից ելնելով` այն փոխանցւում է այդ հիմնադրամին: 2013 թ. յուլիսի 5-ին Այա Սոֆիան, ուրբաթ օրը կատարուած նամազով, վերածւում է մզկիթի: Սակայն վէճը դեռեւս շարունակւում է, քանի որ Այա Սոֆիան այսօր արդէն զբօսաշրջիկների ուշադրութիւնը քիչ է գրաւում, ու այդ վիճակն ազդում է նաեւ տեղի բնակիչների վրայ: 2017 թ. դեկտեմբեր ամսին «Տողան» գործակալութեան տարածած մէկ այլ հաղորդագրութեան համաձայն, նրանք պահանջում են այն կրկին թանգարան դարձնել. «Մեր գործերն էլ լաւ էին: Երբ այն վերածուեց մզկիթի, զբօսաշրջիկները սկսեցին չգալ: Զբօսաշրջային հանրաշարժների հասցէն միշտ այստեղ էր: Եթէ այն կրկին վերածուի թանգարանի, ապա մեր շրջան այցելուների թիւը կ՛աւելանայ»:

http://bianet.org/biamag/din/196614-trabzon-un-camiye-donusturulen-kiliseleri

 

 

 

Ամերիկացի Փաստաբանները Դատ Կը Բանան Թուրքիոյ Դէմ` Պահանջելով Հարիւրաւոր Միլիոն Տոլարի Հատուցում

$
0
0

 

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

16 մայիս 2017-ին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Սպիտակ տան  մէջ նախագահ Թրամփի հետ հանդիպման ժամանակ, Էրտողանի թիկնապահները առանց պատճառի յարձակեցան եւ դաժանօրէն ծեծեցին քիւրտ եւ հայ ցուցարարներ, որոնք հաւաքուած էին Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրին դիմաց: Ցուցարարներէն ինն լուրջ վնասուածքներ ստացան…

Ինչպէս կը յայտնէ «Ուաշինկթընիըն» (Washingtonian) ամսագիրը, «Յունիս 14-ին կայացած մամուլի ասուլիսին ընթացքին Ուաշինկթընի ոստիկանապետ Փիթըր Նիւշեմ ըսաւ. «Իմ ոստիկանական գործունէութեան 28 տարիներու ընթացքին հազուադէպօրէն տեսած եմ այն, ինչ որ տեսայ Շերիտանի շրջանին մէջ»: Ներկայացուցիչներու տունը ընդունեց բանաձեւ մը` ձայներու 397-0 յարաբերակցութեամբ, կոչ ընելով` «մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու եւ միջոցներ ձեռնարկելու` նմանատիպ միջադէպերը ապագային կանխելու ուղղութեամբ»:

Անցեալ տարուան յուլիսին դաշնակցային մեծ դատական կազմը մեղադրանք յառաջացուց Էրտողանի պահակագունդի 19 անդամներուն դէմ, որոնց մեծ մասը դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւն ունէր: Իբրեւ հետեւանք`  կարելի չէր զանոնք ձերբակալել, ապա անոնց թոյլատրուեցաւ վերադառնալ Թուրքիա: Երկու թուրք ամերիկացիներ ձերբակալուեցան եւ հետագային դատապարտուեցան մէկ տարի եւ մէկ օր բանտարկութեան: Այս միջադէպէն քանի մը ամիս անց Էրտողանի թիկնապահներու մեծամասնութեան դէմ մեղադրանքները ջնջուեցան` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի Թուրքիա կատարած այցելութեան նախօրէին:

Բարեբախտաբար, Ուաշինկթընէն խումբ մը ամերիկացի փաստաբաններ, որոնք այնքան բարկացած էին Էրտողանի թիկնապահներուն գործած յարձակումներուն ի տես եւ յետոյ` անոնց Թուրքիա փախուստին պատճառով, անցեալ շաբաթ որոշեցին դատ բանալ թրքական կառավարութեան, երկու թուրք ամերիկացիներուն եւ երեք թուրք քանատացիներուն դէմ` «Միջազգային իրաւունքի ոտնահարման, ատելութեան յանցանքներու, ինչպէս նաեւ յարձակման, ծեծի եւ կեղծ կալանաւորման մեղադրանքով»: Մայիս 3-ին ամերիկեան փաստաբանական այլ ընկերութիւն մը հինգ ցուցարարներու կողմէ առանձին հայց ներկայացուց ընդդէմ Թուրքիոյ:

«Ուաշինկթընիըն» հաղորդեց. «Երբ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը չի կրնար կամ չի փափաքիր արդարութիւն ձեռք բերել Շերիտանի շրջանի խոշտանգուածներուն համար, Ուաշինկթընի խումբ մը փաստաբաններ ձեռնամուխ եղած են այդ մէկը ընելու: Տակլըս Պրեկմըն պատկերացում չէր ունեցած հասարակական կարգի խախտման, ինչպէս նաեւ հրահրման մասին: Սակայն այն, ինչ որ տեսաւ երեկոյեան լուրերուն ընթացքին, սարսափեցուց զինք. «Այս մարդը [Էրտողանը] եկած է մեր երկիրը, Սպիտակ տան մէջ խօսած է նախագահին հետ, ապա իր մարդասպանները ուղարկած` արիւնլուայ ընելու ամերիկացի քաղաքացիները, պարզապէս որովհետեւ անոնք արտայայտուա՞ծ են»:

«Ուաշինկթընիըն» աւելցուց. «68-ամեայ Պրեկմըն Պեթեստայի մէջ կը ղեկավարէ քաղաքացիական գործերով փաստաբանական ընկերութիւն մը: Ան ծնունդով Ֆիլատելֆիոյ կողմերէն է, 1970-ականներուն իրաւաբանի վկայական ստացած է Ճորճթաունի համալսարանէն, ապա հաստատուած` հոն: Ան դասաւանդած է այդ եւ Քոլումպիոյ համալսարանի իրաւաբանական դպրոցին մէջ: 1960-ականներուն մասնակցելով բողոքի ցոյցերուն` ան գիտակցած է, որ անհրաժեշտութիւն կայ պաշտպանելու խօսքի ազատութիւնը, իր խօսքերով` «իշխանութեան չարաշահման» սպառնալիքներէն: Պրեկմըն հեռաձայնած է իր գործընկերներէն մէկուն` Անտրէաս Աքարասի, որ կ՛աշխատէր իբրեւ իրաւաբան` Պրեկմըն, Պըրպըրթ, Շուարց եւ Կիլտա փաստաբանական ընկերութեան մէջ եւ հարցուցած` «Տեսա՞ծ էք, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է այսօր Ուաշինկթընի մէջ»: Աքարաս միացած էր Պրեկմընի ընկերութեան եօթը տարի աշխատելէ ետք իբրեւ Մերիլենտի քոնկրեսական Ճան Սարպանեսի օգնական: Ան աշխատած էր հարաւարեւելեան Եւրոպայի եւ միջերկրականեան երկիրներու հետ կապուած շարք մը հարցերու գծով` միաժամանակ կապեր զարգացնելով Թուրքիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Իսրայէլի մէջ: Պրեկմըն անկէ խնդրած է ուսումնասիրել, թէ կարելի՞ է արդեօք իրաւական որեւէ հատուցում ստանալ տուժածներուն համար»:

Պրեկմըն աւելի ուշ կապ հաստատեց Ուաշինկթընի երկարամեայ փաստաբան Սթիւ Փերլսի հետ: «Իմ մօտ եղած դատական գործը պէտք է հիմնուած ըլլայ օտար երկրի ինքնիշխանութեան անձեռնմխելիութեան օրէնքի [FSIA] վրայ,- ըսաւ Պրեկմըն:- Դուն այն մարդն ես, որ կրնայ այդ ընել»: Փերլս երկար տարիներու յաջողութեան փորձ ունի` Ողջակիզումի գծով Գերմանիոյ դէմ դատ բանալով եւ հատուցում պահանջելով, այլեւ Իրանի եւ Լիպիոյ` «ահաբեկչական գործողութիւններու» վնասները վճարել տալու առումով»:

«Ուաշինկթընիըն» կը հաղորդէ. «Աշխատելով Պրեկմընի եւ Աքարասի հետ` Փերլս կը պատրաստուի հայց ներկայացնել հարիւրաւոր միլիոններու վնասի վճարման համար` Թուրքիոյ Հանրապետութենէն: Որեւէ օտար երկրի պետութեան ղեկավար, որ իր ապահովութեան ուժերը կ՛արձակէ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն դէմ, որոնք իրենց օրինական իրաւունքները կ՛իրականացնեն ամերիկեան հողի վրայ, չեն օգտուիր FSIA օրէնքի պաշտպանութենէն», ըսաւ Փերլս: Միւս իրաւաբանները անոր հետ համաձայն են: Խումբը` Ակնեշկա Ֆրիզմընի («Քոհեն Միլշտէյն») ղեկավարութեամբ, հայց ներկայացուցած է տուժողի` հետեւանքներու մասին յայտարարութեան հիման վրայ, ներկայացնելով Ուաշինկթընի մէջ յարձակման 13 վիրաւորները, ներառեալ` Մուրատ Եասան եւ Հիվա Արիան: Իրաւաբանական խումբը աւելցուցած է Մայքըլ Թիկարը, որ յաջողութեամբ դատ բացած էր Չիլիի դէմ` 1976 թուականին Ուաշինկթընի մէջ Օրլանտօ Լեթըլիըրը սպաննելուն պատճառով` ինքնաշարժի մէջ տեղադրուած ռումբի պայթիւնով… Թիկար ըսաւ, որ Ամերիկեան համալսարանի իրաւաբանական դպրոցի ուսանողները կը մէկտեղեն Թուրքիոյ դէմ դատական հայցը: Ան վստահ է իր ուժերուն վրայ: «Այն ատեն այդ մէկը տեւեց 16 տարի, սակայն յաջողեցանք  4 միլիոն տոլար ստանալ Չիլիէն», նշեց ան:

Պրեկմըն ըսած է «Ուաշինկթընիըն»-ի. «Մէկէն մէկը պէտք է պատժուի: Մենք պատրաստ ենք ժամանակ եւ միջոցներ ներդնելու ընդդէմ ֆաշիստական կառավարութեան, որպէսզի պաշտպանենք մեր յաճախորդներուն իրաւունքները: Ասոր համար կ՛արժէ ջանք գործադրել»:

Ուրիշ  յօդուածով մը «Ուաշինկթըն Փոսթ» եզրակացուցած է. «Ըստ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրութեան, թրքական կառավարութիւնը կրնայ հակառակիլ, համաձայնիլ կամ հրաժարիլ դատական գործընթացներու մէջ պաշտպանութենէ: Հրաժարելու պարագային, դատաւորը կրնայ վճիռ արձակել յօգուտ ցուցարարներուն»:

www.TheCaliforniaCourier.com

Արեւելահայերէնի թարգմանեց
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-Ամեակի Առիթով. Շահամիր Շահամիրեան

$
0
0

Իբրեւ սահմանադրական հանրապետութեան`  Հայաստանի անկախութեան գաղափարը ձեւաւորուեցաւ առաւելաբար Ռուսիոյ եւ Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ, խումբ մը հայ ազգային գործիչներու կողմէ, որոնցմէ ոմանք արդէն իսկ ծանօթ են մեր ընթերցողներուն: Այսօր Շահամիր Շահամիրեանը կը ներկայացնենք առանձինն` իր բեղուն գործունէութեան եւ համապարփակ աշխատանքներուն համար: Անոր «Որոգայթ փառաց» երկը (1773) սահմանադրական հանրապետութեան առաջին ծրագիրն է աշխարհի մէջ», ինչպէս կը վկայէ յօդուածին հեղինակը: Յիշեալ գիրքին մէջ ան ո՛չ միայն կը խօսի ու կը սահմանէ ապագայ անկախ Հայաստանի բնոյթը, կառավարելու կերպերն ու օրէնքները, այլ կու տայ նաեւ մանրամասնութիւններ: Օրինակի համար` ինքն է, որ առաջին անգամ յղացած է հայկական դրօշակի եռագոյնի գաղափարը եւ նոյնիսկ մեկնաբանած է անոր կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն գոյներու իմաստն ու խորհուրդը:

«Ա.»

Շահամիր Շահամիրեան (1723-1798), հնդկահայ հասարակական-քաղաքական գործիչ, հայ ազատագրական պայքարի ականաւոր ներկայացուցիչ, վաճառական: Ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ է, հայ լուսաւորական գաղափարախօսութեան հիմնադիրը: Անոր «Որոգայթ փառաց» (1773) երկը սահմանադրական հանրապետութիւն ստեղծելու առաջին ծրագիրն է աշխարհի մէջ:

Կենսագրութիւն

Շահամիր Շահամիրեանը Հնդկաստան կը գաղթէ Նոր Ջուղայէն եւ կը հաստատուի Մատրաս: Նախ դերձակութիւն կ՛ընէ, ապա կը զբաղի առեւտուրով եւ մեծ հարստութիւն կը կուտակէ: Անոր հայեացքներուն ու գործունէութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ Մատրասի մէջ հաստատուած հայ ազատագրական ու լուսաւորական գործիչ Մովսէս Բաղրամեանը: 18-րդ դարը կը նշանաւորուի հայոց ազատագրական դարաւոր պայքարի որոշ փայլուն դրուագներով` պայքարի նոր ձեւերով, գաղափարաքաղաքական նոր հայեցակարգերով ու ծրագիրներով: Հայ քաղաքական միտքի որոնումներու եւ գործնական դիրքորոշումներու յստակացման համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցան ԺԸ. դարու 20-ականներու Արցախի եւ Սիւնիքի հայութեան ազատագրական հերոսամարտերը:

Նախորդ շրջանի հայ քաղաքական միտքը պետականութեան վերականգնման եւ քաղաքական անկախութեան ձեռքբերման նախապայմաններ կը նկատէր`

1.- Ազգային ուժերու միաբանութիւնը,
2.- Արեւմտեան երկիրներու օգնութիւնը,
3.- Վրացի ժողովուրդին հետ համագործակցումը:

18-րդ դարուն մէջտեղ կու գայ քաղաքական նոր գործօն` հզօրացող Ռուսիան, իր հեռահար ռազմավարական ձգտումներով ու յաւակնութիւններով:

Ռուսական գործօնին կարեւորութիւնը կ՛արտայայտուի Իսրայէլ Օրիի քաղաքական հայեացքներուն եւ գործնական քայլերուն մէջ: Նշուած գործօնները կը վերաիմաստաւորուին ու կը բիւրեղացուին դարու երկրորդ կիսուն` արտացոլուելով հայ քաղաքական գիտակցութեան մէջ եւ քաղաքական վերլուծութեան առարկայ կը դառնան յատկապէս «Մատրասեան խմբակի»` Յովսէփ Էմինի, Մովսէս Բաղրամեանի եւ Շահամիր Շահամիրեանի քաղաքական հայեացքներուն մէջ:

Փիլիսոփայութիւն

Հայաստանի մէջ ազատագրական շարժումի պարտութենէն ետք, ազատագրական միտքը 18-րդ դարի երկրորդ կիսուն հիմնաւորուեցաւ Ասիոյ եւ Եւրոպայի հայկական գաղթավայրերուն մէջ: Հայկական սփիւռքի Ռուսիոյ եւ Հնդկաստանի գաղթավայրերը աւելի աշխուժ էին: Ռուսական կայսրութեան մէջ հայերուն անոնց հայրենիքի ազատագրման դատարկ յոյսեր կու տային: Ռուսիան նպատակ ունէր ճանապարհ հարթել դէպի Միջերկրական ծով եւ Հնդկական ովկիանոս` այդ ճանապարհին գրաւելով Հայաստանը: Հնդկաստանի մէջ հաստատուած հայերը կը զբաղէին տարանցիկ առեւտուրով եւ իրենց ձեռքին մէջ մեծ դրամագլուխներ կը կուտակէին: Երբ Հնդկաստանը դարձաւ Անգլիոյ գաղութը, տեղւոյն հայերը սկսան մեծ տնտեսական կորուստներ կրել` չդիմանալով անգլիացիներուն հետ տնտեսական մրցակցութեան: Հայերուն մէջ յառաջացաւ անկախ Հայաստան իրենց տնտեսական գործունէութիւնը տեղափոխելու գաղափարը:

Շահամիրեանի իրաւաքաղաքական համակարգին մէջ առկայ է թէիստական (աստուածաբանական) փիլիսոփայութեան ազդեցութիւնը: Աստուած ստեղծելով աշխարհն ու մարդը եւ զանոնք օժտելով աստուածային օրէնքներով` այլեւս անմիջականօրէն չի միջամտեր աշխարհի եւ հասարակութեան հետագայ գոյութեան հարցերուն: Սակայն, այստեղէն բնաւ չի հետեւիր, որ ըստ քաղաքական մտածողին, հասարակութեան մէջ գործող կարգերն ու օրէնքները պէտք է համապատասխանեն բնական բնութեան եւ բանական բնութեան, որ հասարակ ըլլայ, ու պետական կեանքին մէջ գործող օրէնքները պէտք է հաշուի առնեն մարդու բանականութիւնը: Նախ` աշխարհի եւ հասարակութեան գործերուն չմիջամտելու սկզբունքը բնաւ չի նշանակեր, որ Աստուած առհասարակ կը դադրեցնէ հսկողութիւնը: Երկրորդ` աշխարհի եւ մարդոց գոյութիւնը ինքնաբաւ, բացարձակ չէ, որովհետեւ գոյութեան օրէնքները տրուած են ի վերուստ, այսինքն բնութեան օրէնքները կը համընկնին աստուածային օրէնքներուն հետ: Ուստի հասարակութեան մէջ գործադրուող օրէնքներու համապատասխանութիւնը բնական բնութեան կամ բանական բնութեան իրականին մէջ կը նշանակէ համապատասխանեցնող աստուածային օրէնքներուն: Բացի ասկէ, մէջբերումէն պարզ է, որ խօսքը դրական իրաւունքի մասին է: Այսպիսով, օրէնքներու` մարդու բնական բնութեան ու բանական բնութեան համապատասխանութեան մասին Շահամիրեանի պահանջը կը նշանակէ, որ դրական իրաւունքի նորմերը պէտք է բխեցուին բնական, այսինքն` աստուածային իրաւունքի սկզբունքներէն: Հակառակ պարագային, ստեղծուած օրէնքները կը նկատուին հակաբնական եւ հակաբանական:

Ազատագրական միտք

Շահամիրեանը կապեր կը հաստատէ հայ ազգային-ազատագրական շարժումի կեդրոններու հետ: Հայաստանի ազատագրութիւնը, ըստ Շահամիր Շահամիրեանի, պէտք էր կատարուէր օտարի լուծի դէմ համաժողովրդական ապստամբութեան միջոցով: Այդ պէտք էր գլխաւորէին Արցախի մելիքներն ու Էջմիածնի հոգեւորականները: Հայ ժողովուրդը կրնար օժանդակութիւն ստանալ Վրաստանէն եւ Ռուսիայէն: Ուստի Մատրասի մէջ տպագրուած «Նոր տետրակ» եւ «Որոգայթ փառաց» գիրքերը Շահամիրեանը կ՛ուղարկէ ո՛չ միայն Սիմէոն կաթողիկոսին, այլեւ` Արցախի մելիքներուն, Գանձասարի Յովհաննէս կաթողիկոսին, Վրաստանի Հերակլ Բ. թագաւորին: Ան նամակցական կապ կը հաստատէր Ռուսիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Յովսէփ Արղութեանի, Յովհաննէս Լազարեանի եւ շատ ուրիշներու հետ: Անոնց յղած իր նամակներուն մէջ ան կը շարադրէ Հայաստանի ճակատագիրին մասին ազատագրական խմբակին տեսակէտները եւ առաջարկներ կը կատարէ այդ ծրագիրի իրագործման համար: Շահամիրեան կ՛առաջարկէ դպրոցներ բանալ, ժողովուրդին մէջ լուսաւորութիւն տարածել, զինել ժողովուրդը, պատրաստուիլ ազատութեան համար պայքարի:

Նամակներուն մէջ դիմելով վրացի Հերակլ Բ. թագաւորին` ցոյց կու տայ, որ հայ-վրացական ռազմական դաշինքն ամուր յենարան է Այսրկովկասը թուրք-պարսկական նուաճողներէն ազատագրելու եւ պաշտպանելու համար: Որպէս հայ-վրացական դաշինքի խորհրդանշան` Շահամիրեանը Հերակլ Բ.-ին կ՛ուղարկէ իր պատրաստած ոսկեայ շղթայով ու թանկարժէք քարերով ագուցուած շքանշանը: Հետագային հասկնալով, որ հայ-վրացական ուժերը, առանց Ռուսիոյ ռազմաքաղաքական օգնութեան, չեն կրնար ազատագրել եւ ապահովել Հայաստանի ու Վրաստանի տեւական անկախութիւնը, կապեր կը հաստատէ ռուսական արքունիքին հետ: Վրացի թագաւորը իր հերթին Լոռիի գաւառը կը նուիրաբերէ Շահամիրեանին եւ անոր կը շնորհէ իշխանի տիտղոս: 1790 թուականին Հերակլ Բ.-ը Շահամիրեանի առաջարկով յատուկ ուղերձ կը յղէ Պարսկաստան քշուած հայ ժողովուրդին: Այս  վերջինները կը հրաւիրէր բնակութիւն հաստատելու վրաց թագաւորութեան կազմին մէջ գտնուող հայաբնակ գաւառներուն մէջ:

Շահամիր Շահամիրեանը կապեր կը հաստատէ նաեւ 18-րդ դարու հայ ազատագրական շարժման գործիչներ Յովսէփ Արղութեանի, Յովհաննէս Լազարեանի եւ ուրիշներու հետ:

1780-ական թուականներուն, երբ ռուսական արքունիքը կը ծրագրէր արշաւել Անդրկովկաս, Շահամիրեանը Ռուսիոյ եւ ապագայ պետութեան յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ստեղծուելիք կարգերու մասին դաշնագիրի նախագիծով կը ներկայանայ արքունիք: Այդ նախագիծին համաձայն, ազատագրուող Հայաստանի մէջ պէտք է հաստատուին հանրապետական կարգեր:

Մատրասի խմբակ

Հայաստանի ազատագրութիւնը նախապատրաստելու համար Շահամիր Շահամիրեանի գլխաւորութեամբ Մատրասի մէջ ստեղծուած խմբակի անդամները 1770-1780-ական թուականներուն մեծ աշխատանք կը կատարեն: Յովսէփ Էմինի ու Մովսէս Բաղրամեանի վերադարձը Հնդկաստան կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ գաղթօճախի կեանքին մէջ: Անոնք համոզեցին հնդկահայ ուրիշ գործիչներ եւս, որ առանց ժողովուրդի լայն աջակցութեան` Հայաստանի ազատագրման գործին մէջ հնարաւոր չէ հասնիլ յաջողութեան: Հետեւաբար անհրաժեշտ է միաւորել հայ երիտասարդութիւնը, զանոնք դաստիարակել հայրենասիրութեան ու ազգային արժանապատուութեան ոգիով:

«Որոգայթ փառաց»

Շարունակելով «Նոր տետրակ»-ի գաղափարները` Մատրասի խումբի անդամներէն Շ. Շահամիրեանը կը հրատարակէ «Որոգայթ փառաց» գիրքը, որ օտար լուծէն ազատագրելէ ետք ստեղծուելիք ապագայ հայկական պետութեան կառավարման համար նախատեսուած օրէնքներու ժողովածու էր: «Որոգայթ փառաց» գիրքը սահմանադրական հանրապետութիւն ստեղծելու ծրագիր էր եւ` հայ քաղաքական միտքի կարեւոր նուաճումներէն մէկը: Իսկ 1783 թուականին կը տպագրէ Մատրասի հայերու ինքնավարութեան, որուն իրաւունքը ինք  ձեռք բերած էր, կանոնադրութիւնը` «Տետրակ, որ կոչուած է նշաւակ»:

«Ներածութիւն» կոչուող մասին մէջ Շահամիրեանը քննադատութեան կ՛ենթարկէ կառավարման միապետական կարգերը եւ յառաջ կը քաշէ օրէնքի հիման վրայ կառավարման գաղափարը: Վերջինը կը նմանէր Մեծն Բրիտանիոյ մէջ հաստատուած կառավարման ձեւին: Մանրամասն շարադրելով օրինակելի պետական կարգի գլխաւոր սկզբունքը` Շահամիրեանը կը մերժէ ազնուականութեան ու եկեղեցւոյ դասային արտօնութիւնները, ճորտութեան ու աւատատիրական կախման միւս ձեւերը:

Այս, ըստ էութեան, հակապատմական տեսակէտը բնորոշ է ո՛չ միայն հայ լուսաւորականներուն, այլ` լուսաւորական դարաշրջանի մտածողներու ճնշող մեծամասնութեան: Լուսաւորականները աւատատիրութիւնը կը դիտէին որպէս մարդկային պատմութեան աւելորդ շրջափուլ:

«Թէպէտ ինձ համար տխուր է յիշեցնել անօրէններից մեր ազգին հասցուած գարշելի նախատինքը, որ յարաժամ կրում ենք մեր ուսերին, չեմ ուզում յիշեցնել այն ամէնը, ինչ ես գիտեմ, գուցէ դու հանդիպես անօրէնների հովանու տակ բնակուող մարդու, վերահասու եղիր, թէ ինչ բառով են կանչում հայոց ազգին` փոխանակ անյաղթելի թորգոմցիների անուան: Ու մենք` հայերս, քաջ Հայկի որդիներս, Նախիջեւան աշխարհի օրհնեալ ծնունդներս, ջրհեղեղի խեղդամահից ընդհանուր մարդկային բնութեան եւ ընդհանուր աշխարհի փրկութեան պատճառ դարձածներս, փոխանակ յատկապէս պատուի արժանանալու, յատկապէս մարդկութեան համար` նախատինք եւ ժողովուրդների համար արհամարհանք եղանք` մեր անկարգութեան պատճառով: Ուրեմն պատշաճ չէ, որ յաւիտեան շարունակենք մնալ այսպէս, քանզի մարդկային միեւնոյն բնութիւնն ունենք, ինչպէս` այժմեան բոլոր երջանիկ ազգերը արեգակի ներքոյ, նաեւ մեզ վրայ ենք կրում Տիրոջ յատուկ շնորհն ու ողորմութիւնը, չէ՞ որ մեզ տուեց Աշխարհն Արարատեան` պարարտ ամէն տեսակի գոյակցութեամբ: Թէպէտ ես չեմ երդւում, որովհետեւ մեղք է, բայց իմ մտքում համոզուած եմ, որ մինչեւ չհաստատուի կարգ ու օրէնք, կարգ ու կանոն, ծուլութիւնը մեզնից չի վերանայ, թոյլ չի տայ փայփայելու մեր ազգին: Եւ մեզանում ծնունդ առած ամէն մեծարժէք բանի գեղեցկութիւնը չի երեւայ, մինչեւ չստեղծուի օրէնք ու սահման»:

ՇԱՀԱՄԻՐ ՇԱՀԱՄԻՐԵԱՆ

Ընդհանուր ձեւով ուրուագծելով հայոց անցեալի պատմութիւնը` Շահամիրեանը կ՛եզրակացնէ, որ միապետութիւնը մեծ վնաս կը հասցնէ Հայաստանին: Հետեւաբար պէտք չէ թոյլ տալ, որ մեր ազգի մէջ հանդէս գայ թագաւոր կամ այլ պաշտօնեայ` ունենալով միապետական իշխանութիւն: Ժողովրդին հարկաւոր է ազատել բռնակալներու իշխանութենէն:

Շահամիրեանը կը յիշեցնէր Հռոմի պատմութեան օրինակը, պետութեան մը, որ օրէնքի գերիշխանութեան պայմաններուն մէջ հանրապետական կարգերու ժամանակ կը ծաղկէր, իսկ երբ բռնապետութիւն հաստատուեցաւ, կործանեցաւ: Հայ ժողովուրդի փրկութիւնը օրէնքներու անխախտ կիրարկումն է, որ անոր կը փրկէ ստրկութենէ, հնարաւորութիւն կու տայ զբաղուելու բարի գործերով եւ կատարել իր հասարակական պարտքը: Ազատութիւնը ամենաբարձրագոյն բարիքն է:

«Որոգայթ փառացի»-ի երկրորդ` ընդարձակ մասը կը ներկայացնէ հայկական անկախ պետութեան սահմանադրութիւնը` 521 յօդուածէ բաղկացած նախագիծը: Շ. Շահամիրեանի կանխատեսած պետական կարգը կը հիմնուի այն սկզբունքի վրայ, որ ամբողջ իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին, պաշտօնեաները անոր համար են, որ անխախտ կիրարկեն օրէնքները: Երկրի բարձրագոյն օրէնսդրական հաստատութիւնը հայկական խորհրդարանն է` «Տունն հայոցը»: Ըստ վերջինիս, տասներկու հազար տուն ունեցող ամէն մէկ մարզէն կ՛ընտրուի 2 լիազօր` 3 տարի ժամկէտով: Անոնցմէ մէկը ըլլալու «Հայոց տան» անդամ` տանուտէր, միւսը` պետական պաշտօնեայ: Հայոց տան իւրաքանչիւր անդամ կրնար ազատ կարծիք յայտնել օրէնքի նախագիծի վերաբերեալ: Փոխանորդները իւրաքանչիւր տունէն կը ստանային կէս արծաթ դահեկան, որ կը կազմէր վեց հազար դահեկան. այդ ըլլալու էր անոնց վարձատրութիւնը:

Հայոց տունը իր կազմէն ընտրելու էր 13 հոգի, որոնցմէ մէկը վիճակահանութեամբ 3 տարի ժամկէտով կ՛ընտրուէր գործադիր իշխանութեան ղեկավար` նախարար: Նախարարը առաջին պաշտօնեան էր, օրէնքի առաջին կատարողը եւ զօրքերու գլխաւոր հրամանատարը: Հայոց տան լիազօրութիւններով ան պատերազմ կը յայտարարէր կամ հաշտութիւն կը կնքէր: Հայոց տունը իր կազմէն պիտի ընտրէր գլխաւոր դատաւորը եւ գերագոյն դատարանի 24 անդամները, բարձրաստիճան պաշտօնեաները, զօրքի հրամանատարները: Յատուկ յօդուածներով կը կարգաւորուէին եկեղեցւոյ եւ պետութեան յարաբերութիւնները: Հայ եկեղեցին ազատ կը կացուցուէր հարկերէն:

Ըստ Շահամիրեանի, հայոց ապագայ պետութեան բարձրագոյն օրէնսդիր մարմինը` «Հայոց տունը», պէտք է կազմուի ժողովուրդի կողմէն ընտրուած պատգամաւորներէ: Հայաստանի մէջ պէտք է իշխէ օրէնքը: «Հայոց տունը» պարտաւոր էր ստեղծել գործադիր իշխանութիւն (կառավարութիւն): Այդ նպատակով փոխանորդներէն պէտք էր ընտրուէին տասներեք հոգի, որոնցմէ մէկը վիճակահանութեամբ կրնար դառնալ նախարար, իսկ միւսները` նախարարի խորհրդականներ: Նախարարը պէտք էր ըլլար օրէնքներու առաջին կատարողը եւ զօրքի գլխաւոր հրամանատարը: Հայաստանի բոլոր բնակավայրերը պէտք էր ունենային դպրոցներ:

Ռուսիոյ հովանիին տակ հայկական պետականութիւնը վերականգնելու 20 յօդուածէն բաղկացած նախագիծ կը կազմէր Շահամիր Շահամիրեանը: Այս նախագիծով Ռուսիոյ օգնութեամբ ազատագրուած Հայաստանը պէտք էր հռչակուէր հանրապետութիւն` խորհրդարանական կառուցուածքով: Կառավարութիւնը պէտք էր գլխաւորէր ազգութեամբ հայ նախարարը: Հայաստանի մէջ 20 տարի ժամկէտով պէտք էր մնար 6 հազարնոց ռուսական զօրք: Հայաստանը տարեկան հարկ պիտի վճարէր Ռուսիոյ եւ անհրաժեշտութեան պարագային պէտք էր տրամադրէր նաեւ զօրք: Կ՛առաջարկուէր երկու երկիրներուն միջեւ սահմանել ազատ երթեւեկութիւն: Հայաստանի կառավարութիւնը Փեթերսպուրկի մէջ պէտք էր ունենար իր դեսպանը: Յովսէփ Արղութեանի ծրագիրի օրինակով, Շ. Շահամիրեանի նախագիծը եւս կը ներկայացուի ռուսական կառավարութեան, սակայն իշխանութիւններուն կողմէն ատոնք բաւարար ուշադրութեան չեն արժանանար ու չեն քննարկուիր:

 

Գիրքի Հրատարակութիւն

$
0
0

Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի պանծալի թուականին առիթով հրատարակութեան կու տայ «Պատմական Հայաստանի աւանդներու հետքերով» գունազարդ հրատարակութիւնը` մեր նոր սերունդի պատմական գիտելիքներու ճանաչման, ծանօթացման ու տարածման նպատակով:

Հեղինակ` ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

Գիրքը կարելի է գտնել «Ազատ Օր»-ի խմբագրատան գրասենեակը:

Հիմա Կը Մնայ, Որ Ժողովուրդը Յաղթէ

$
0
0

ՍԵՒԱԿ ԱՐՈՅԵԱՆ

Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ վերջին մէկ ամիսը լարուած մթնոլորտ մը կը տիրէ: Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները յաջողութեամբ աւարտեցան, եւ իբրեւ արդիւնք` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր առաջադրած թեկնածուները կրցաւ հասցնել խորհրդարան: Երբ կ՛ըսեմ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հասցուց զանոնք խորհրդարան, այդ չի նշանակեր ընտրամեքենան ու անոր պատասխանատուն միայն, այդ չի նշանակեր Կեդրոնական կոմիտէն եւ անոր ներկայացուցիչը միայն, այդ կը նշանակէ` Դաշնակցութիւնը, առաջին հերթին` իր ժողովուրդով, որուն վստահութիւնը կը վայելէ առ այսօր:

Դաշնակցութիւնն ու անոր անդամները, առանց ժողովուրդին, կը նմանին բանակի մը, որ կը պաշտպանէ գիւղ մը, ուր չկան բնակիչներ, լեռ մը կամ ձոր մը, ուր կենդանութիւն չկայ, որուն համար վաղ թէ ուշ շատեր պիտի մտածեն` «Կ՛արժէ՞ մեռնիլ»: Ժողովուրդը դարձեալ վստահեցաւ Դաշնակցութեան, քուէն ու ձայնը, իր մարդկային ամէնէն բարձր արժէքը` խիղճը, յանձնեց Դաշնակցութեան թեկնածուներուն: Մեր երեսփոխաններն ու բոլորը պէտք չէ մոռնան, որ մեզի համար չէ՛ կոյր ժողովուրդի եւ անգիտակից հետեւորդներու բանակ առաջնորդելը. պէտք չէ մոռնան, որ Դաշնակցութիւնը իր հերոսներուն բացած ուղիով է, որ հասած է այս բարձունքին, ինչպէս ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները տարբեր առիթներով նշած են: Դաշնակցութիւնն ու կենդանի իւրաքանչիւր դաշնակցական այդ հերոսներուն կերտած «համբաւն» է, որ կը վայելեն. ժողովուրդը ամէնէն աւելի ա՛յդ հերոսներուն ու Դաշնակցութեան անցած ճանապարհը յարգելով է, որ կը վստահի իրեն, կը վստահի իր ապագան անոր` վստահ ըլլալով, որ Դաշնակցութիւնը պիտի չշեղի, դաշնակցականները կրնան սխալիլ, բայց Դաշնակցութիւնը` ո՛չ. Դաշնակցութի՛ւնն է, որ պիտի իրականացնէ պատկերացումները` կեանք տալով անոնց:

Ոեւէ դաշնակցական չմտածէ՛ երբեք եւ չըսէ ինքնիրեն, որ` «ա՜ս ալ անցաւ»: Ոեւէ մէկը չմտածէ եւ չըսէ ինքնիրեն, որ նախընտրական վերջին շրջանին «յանկարծ» արթնցած հակադաշնակցականութիւնը նոր երեւոյթ էր, տեղեակ չէինք անոր առկայութենէն. եւ ոչ մէկս չմտածենք, որ այդ քննադատութիւններուն ալիքը, որ սաստկացաւ, ընտրութիւններուն յաջորդ օրն իսկ արդէն չկայ, պատճառը մենք պէտք չէ կիսենք, մենք յանցաւոր չենք: Ե՛նք: Քննադատութիւնները պիտի՛ սկսին ընտրութիւններուն յաջորդ օրն իսկ, այս ժողովուրդին մե՛նք աւելիով պիտի աշխուժացնենք, որ խօսին ու պահանջեն. մե՛նք պիտի սորվեցնենք գալ եւ կանգնիլ երեսփոխանական գրասենեակին առջեւ, հանդիպո՛ւմ պահանջել երեսփոխաններէն: Դաշնակցութեան հիմնադրութեան օրերուն, որպԷս տասնեակ յեղափոխական, խումբերու բառին բուն իմաստով դաշնակցութիւն, այս արդէն կուսակցութիւն դարձած ուժն էր, որ ժողովուրդի տարբեր խաւերէն բաղկացող այդ մարդոց պայքարի պատկերացումները մէկտեղած, ինչպէս որ Շաւարշ Միսաքեան կ՛ըսէ, «սորվեցուց ժողովուրդին ո՛չ միայն թեւերը վերցնել, այլեւ` զարնել»:

Դաշնակցութիւնը պէտք է տեսնէ այսօր, որ ժողովուրդը, որուն վստահութիւնը ստացաւ, որմէ քուէ խնդրեց, որուն արդարամտութեամբ ու խղճով քուէարկելը պահանջեց, ըրա՛ւ իր ուզածը, կատարեց իր պարտքը` որպէս Դաշնակցութեան կերտած տիպար քաղաքացի. այժմ հերթը ժողովուրդին է պարտքով տուածը ետ վերցնելու, այժմ հերթը ժողովուրդին է իր բարձրացուցած ձայնին պատասխանը սպասելու, եւ քուէատուփին, այսինքն քաղաքացիական ծախուած ու չծախուած, խաբուած ու չխաբուած լիազօրագիրերու այդ տուփին մէջէն Դաշնակցութիւնը իր երեսփոխաններով պարտաւոր է չորս տարիներու ընթացքին աւելիով փաստելու ամբողջ Լիբանանին, որ այդ տուփերուն մէջի ամէնէն ազնիւ, անփոխադարձ ակնկալիքով եւ անշահախնդիր քուէները Դաշնակցութեան ժողովուրդին կը պատկանին (թէկուզ անոնք գիտեն, որ այդպէս է):

Պէտք է այս 4 տարիներու ընթացքին ժողովուրդը զգայ, որ իսկապէս տարբերութիւն կայ, թէ ո՛վ կը ներկայացնէ հայ համայնքը  խորհրդարանին մէջ, ա՞նձ մը, թէ՞ իր սիրած ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ նախկին երեսփոխանը. ա՞նձ մը, թէ՞ իր պաշտած կուսակցութեան ներկայացուցիչը: Դաշնակցութեան եւ անհատ հայ երեսփոխաններու տարբերութիւնը ժողովուրդը պէտք է զգայ ամէն օր, սա աննախադէպ աշխատանք է, որ պիտի կատարուի, եւ վստա՛հ, որ ժողովուրդը պիտի խօսի՛ այդ մասին եւ պահանջէ՛ տարբերութիւնը: Ժողովուրդը պէտք է զգայ, որ իր կուսակցութեան երեսփոխանը չի տարբերիր միւսներէն միայն ազգային-կուսակցական ձեռնարկներուն ներկայ գտնուելով. վա՛յ մեզի, եթէ ժողովուրդը իր վստահութիւնը կորսնցնելով` սկսի վերածուիլ 21-րդ դարու այն մարդ տեսակին, որ միայն աչքերով եւ ականջով կը դատէ եւ ատկէ ետք յանկարծ իր հարցերու բարձրաձայնումը անհատ երեսփոխաններէ լսէ… 21-րդ դարու այդ մարդ տեսակին չի՛ կրնար ազգային, ժողովրդավար եւ ընկերվար մեր կուսակցութիւնը համոզել, որ երբ անոնք կը խօսէին, մենք կ՛աշխատէինք, երբ անոնք խոստումներ կու տային, մենք խոստումներ տուած ենք 60-ականներուն… անոնք չե՛ն կրնար հաւատալ բոլոր խօսքերուն եւ «արդարացումներուն», որովհետեւ ժողովրդավարութեան չափանիշները փոխուած են այսօր եւ վերածուած` Դիմատետրի ազատ մեկնաբանութիւններու հարթակին, ընկերվարութիւնը թերեւս օտար անձի մը friend request ուղարկելով անոր ընդունիլն է, կամ ազգային արժէքը` նկարին եռագոյն շրջանակ մը դնելը:

Ժողովուրդը սկսած է դատել իր աչքերով եւ ականջով միայն, բայց այդ չի նշանակեր, որ այլեւս կրնանք չաշխատիլ եւ միայն խօսիլ, այդ չի նշանակեր, որ խօսքը առանց գործի այսուհետեւ կենդանի է… Պէտք է գործենք եւ ըսե՛նք ժողովուրդին, հաշի՛ւ տանք ժողովուրդին, խօսի՛նք մեր իրագործումներուն մասին, մեր երեսփոխանները ամիսը մէկ Դիմատետրի ուղիղ եթերով նստին թէկուզ կէս ժամ եւ գոնէ 10 հարցի պատասխանեն, ըսեն` ի՞նչ ըրին եւ ինչո՞ւ չըրին: Չի՛ բաւեր ժողովուրդին հետ աղբի հոտը շնչել եւ այդպիսո՛վ կիսուիլ հարցը. ժողովուրդը չի՛ հասկնար եւ չի՛ տեսներ, թէ դուք ի՛նչ կ՛ընէք ձեր գրասենեակներուն մէջ, խորհրդարանական նիստերուն չի՛ հետեւիր` գործն ու դասը ձգած, որովհետեւ ժամանակ չունի, իսկ շատեր ալ վստահած են ձեզի. կը մնայ ձեզմէ այդ վստահութեան համարժէք պատասխա՛ն տալ այդ ժողովուրդին. կը կարծեմ, որ ամէնէն աշխատող եւ հասանելի տարբերակը առաջարկեցի արդէն:

Ընտրութիւններուն մասնակցեցանք մեր արժանապատուութեամբ, մեր ազգային եւ հայրենանուէր գաղափարներով, ժողովուրդը իր ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը հոն կը տեսնէ: Ընտրութիւններուն մասնակցեցանք մեր կուսակցութեան արժէքներով, զորս նոյն այդ ժողովուրդը կը բաժնէ: Ընտրութիւններուն մասնակցեցանք մեր պատմութեամբ ու որակով, որուն ընդմէջէն ժողովուրդը իր խիտ շարքերով, պայծառութեամբ իր ապագան կը տեսնէ: Կուսակցութիւնը իր որակով մասնակցեցաւ, իսկ որակաւոր ժողովուրդը նաեւ իր քանակո՛վ օգնեց:

Կուսակցութեան թեկնածուներուն 4-էն երեքը յաղթեց, հիմա կը մնայ, որ ժողովուրդը յաղթէ:

7 մայիս 2018
Կեդրոն, Երեւան


«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Նոր Էջ, Նոր Մօտեցումներ

$
0
0

Խորհրդանշական էր, երբ մայիսի 9-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն իր առաջին մամլոյ ասուլիսն անցկացրեց Արցախում: Բնականաբար Արցախում անցկացուած ասուլիսի առանցքային թեման եղաւ Արցախը, Արցախի նկատմամբ Հայաստանի նոր վարչապետի մօտեցումներն ու միջազգային ասպարէզում Արցախի հարցը ներկայացնելու քաղաքականութիւնը: Փաշինեանը նախ կրկնեց եւ շեշտադրեց վաղուց արդէն Արցախի իշխանութիւնների կողմից արծարծուած մօտեցումը բանակցութիւնների մասնակիցների ձեւաչափի խեղաթիւրման հարցի վերաբերեալ` նշելով, որ Հայաստանը կարող է բանակցել իր անունից որպէս հակամարտող կողմ, իսկ Արցախը պէտք է ասի իր խօսքը, ունենայ իր ներկայացուցիչը բանակցային գործընթացում` ի դէմս Արցախի իշխանութիւնների, յանձինս Արցախի Հանրապետութեան նախագահի: Միւս կարեւոր կէտը, որ առկայ էր Փաշինեանի մօտեցումներում, փոխզիջման մասին քննարկումների անտրամաբանական եւ անիմաստ լինելն էր:

Այսպիսով, Փաշինեանը թէ՛ ձեւաչափի եւ թէ՛ բանակցութիւնների բովանդակութեան վերաբերեալ նոր առաջարկներ ներկայացրեց միջնորդ հանդիսացող պետութիւններին ու Արցախի հարցով զբաղուող միջազգային հանրութեանը:

Փաստօրէն Հայաստանի կողմից առաջարկւում է վերբեռնել արցախեան հարցով աւելի քան 25 տարի տեւող բանակցութիւնները:

Պատահական չէ, որ Փաշինեանի ասուլիսի արցախեան բաժինը յատուկ ուշադրութեան է արժանացել Հայաստանի Հանրապետութեան երեք նախագահների կողմից (վերջին նախագահի պարագայում` միջնորդաւորուած): Վերջապէս, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահների աւելի քան 25 տարիների բանակցութիւնների արդիւնքում միջազգային մակարդակում ձեռք են բերուել պայմանաւորուածութիւններ եւ ստեղծուել են նախագծեր, որոնք արցախեան հարցի կապակցութեամբ այսօր ձեւաւորում են միջազգային հանրութեան մօտեցումները: Իւրաքանչիւր նախագահի բանակցութիւնների թղթապանակում գոյութիւն ունեն «սեւ» էջեր` Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումից, Քի Ուեսթեան համաձայնութիւնից մինչեւ քազանեան պայմանաւորուածութիւններ:

Հայաստանում տեղի ունեցած համաժողովրդական շարժումն ունի այդ իրաւունքը, որպէսզի յայտ ներկայացնի ձեւաւորուած թիւր մօտեցումների եւ ըմբռնումների սրբագրման համար: Այդ իրաւունքը ձեռք է բերուել համաժողովրդական շարժման օրինակարգմամբ:

Դեռեւս Մատրիտեան սկզբունքների հրապարակման պահին Արցախի արտաքին գործերի նախարարութիւնը յայտարարել է բանակցութիւնների վերբեռնման անհրաժեշտութեան մասին, իսկ այժմ այդ ուղղութեամբ պահանջ է ներկայացւում: Պահի լրջութիւնը պէտք է գիտակցել եւ առիթն օգտագործել բանակցութիւնների փակուղին ճեղքելու համար: Արցախի վճռական խօսքը կարող է ճակատագրական լինել:

Մէկ Նիկոլով Գարուն Չի Գար

$
0
0

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Գարո՜ւն է, գարո՛ւն է, ուշացա՜ծ գարուն:

Նիկոլ Փաշինեան դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ:

Արեւ է. այստեղ` «Հիւսիսում այս հեռաւոր», ծառերը սկսած են դալարիլ: Բաց գոյնով փոքրիկ տերեւներ սկսած են լեցնել ամբողջ ձմեռը մերկ մնացած ճիւղերն ու ճիւղիկները: Գրեթէ թափանցիկ են այդ տերեւները, եւ արեւուն ճառագայթները կարծես անոնց մէջէն կ՛անցնին:

Նիկոլը` վարչապետ:

Կայ խանդավառութիւն մը, որ համացանցի ճամբով կ՛անցնի բոլոր իրական ու երեւակայական սահմանները, կը յաղթահարէ բոլոր ֆիզիքական ու հոգեկան կաշկանդումներն ու կը տարածուի աշխարհով մէկ, կը հասնի ամէնուրեք, բոլո՛ր հայերուն, կամ` գրեթէ բոլոր հայերուն:

Փաշինեան կը դառնայ Հայաստանի չորրորդ հանրապետութեան երկրորդ վարչապետը` փոխարինելով առաջին վարչապետը, որ այդ պաշտօնը վարեց վեց օր միայն:

Ձեռքի փոքր սարքերուն` խելախօսներուն եւ տեղեկադիրներուն վրայ, այլեւ համակարգիչներու թէ հեռուստացոյցներու պաստառներուն վրայ կը հետեւինք ժողովուրդի ցնծութեան պոռթկումի դրսեւորումներուն: Երիտասարդութեա՛ն ցնծութեան: Կը հետեւինք նոր երգերուն, որոնք կը ցայտեն իրարու ետեւէ, կը ցնծացնեն յեղափոխութիւնը:

Յեղափոխութի՞ւնը, թէ՞ «յեղափոխութիւնը», քանի որ բոլոր վերապահութիւնները չեն անհետացած:

Պատմական օրեր կ՛ապրինք, կասկած չկայ:

2018 ապրիլ-մայիսեան այս մեծ պոռթկումը նկատուեցաւ շարունակութիւնը 1965 ապրիլի համաժողովրդային ցասման` Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առթիւ եւ 1988 փետրուարի ընդվզումին` արցախեան շարժումի առաջին օրերուն: Անկատար մնացեր էին անոնք, եւ «սիրոյ յեղափոխութիւնը» եկաւ ոչ թէ զանոնք աւարտելու, այլ` շարունակելու, ինչպէս իրաւամբ դիտել կու տար մեր մտաւորական ընկերը` Սպարտակ Ղարաբաղցեանը, «Օրակարգից դուրս» յայտագրին վրայ իրեն հետ կատարուած զրոյցին ընթացքին:

Այո՛, յեղափոխութիւնները իմաստ ունենալէ կը դադրին, եթէ աւարտին, աւարտուած նկատուին:

Մայիս 8-ին Նիկոլ Փաշինեանը ընտրուեցաւ վարչապետ:

Յեղափոխութիւնը, սակայն, եթէ չէ՛ «յեղափոխութիւն», պիտի շարունակուի: Փոփոխութիւնը մէկ վարչապետը ուրիշով մը փոխարինելու նպատակ չունէր: Անձ մը փոխել չէր ուզուածը: Զանգուածներուն պահանջածը:

Շա՜տ, շա՛տ բան կայ փոխուելիք:

Իսկ այդ շատը մեզմէ՛ կը սկսի: Իւրաքանչիւրէ՛ս: Ամէն մէկ հայէ:

Եթէ Հանրապետութեան հրապարակը վարչապետի ընտրութեան օրը սպիտակ ներկուեցաւ` հոն հաւաքուած բազմութեան ընտրած շապիկներու գոյնով, մաքրութիւն ու անաղարտութիւն խորհրդանշելու համար, մաքրումի այդ գործընթացը պիտի սկսի ամէն մէկուս հոգիէն ներս` դուրս վանելով պարտուողականութեան, անզօրութեան, յուսահատութեան եւ հիասթափութեան ամէն զգացում, ստորակայութեան ու գերակայութեան ամէն բարդոյթ, սեփական ուժերուն հանդէպ անվստահութեան ու օտարին հանդէպ ստրկամտութեան ամէն մոլութիւն:

Յեղափոխութիւնը ամէնէն առաջ մե՛ր մէջ պիտի կատարուի: Մեր` հայրենի հողին վրայ ըլլանք թէ այդ հողէն դուրս:

Պիտի փոխուինք, յեղա՛փոխուինք, որպէսզի կարենանք տէ՛ր ըլլալ մեր երկրին, որ երկի՛ր ըլլայ ան, պիտի փոխուինք տէր ըլլալու համար ապրելու մեր իրաւունքին, որպէսզի վայելենք մարդավարի ապրելու մեր իրաւունքը:

Պիտի փոխուինք մանաւանդ դուրս գալու համար ի վերջոյ աւերակներուն տակէն` մեր գլխուն փլած կայսրութեան աւերակներուն տակէն: Կայսրութիւններո՛ւ աւերակներուն, 70 տարուան թէ 600 տարուան ստրկութեան աւերներուն տակէն:

Շա՛տ երկար կրեցինք այդ աւերներուն հետեւանքները: Թշնամիին դէմ պայքարելու տեղ իրարո՛ւ դէմ պայքարեցանք, երկիր պաշտպանելու տեղ երկիր ծախեցինք ու հեռացանք, հարիւր փոքր Հայաստաններ ստեղծեցինք` մէկ հզօր ու բարգաւաճ հայրենիք պահելու փոխարէն: Հազար տարի, գրեթէ հազար տարի ետք միայն մեր հողը, անոր վերջին մնացորդացը կոչուեցաւ դարձեալ Հայաստան, Հանրապետութիւն Հայաստանի:

Եւ հիմա, հիմա՛ միայն, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի դիւցազնամարտերէն հարի՛ւր տարի ետք է ահա, որ կը յաւակնինք սիրո՛յ յեղափոխութիւնը յանդգնիլ:

Յեղափոխութիւն, որպէսզի դադրինք զիրար անգոսնելէ, արհամարհելէ, անտեսելէ, ո՛ւր որ ալ ապրինք` հայրենիքի մէջ, թէ սփիւռքի, ո՛ր կուսակցութեան ալ պատկանինք կամ չպատկանինք, ո՛ր եկեղեցւոյ մաս կազմենք կամ չկազմենք:

Գիտնանք, ինչպէս կ՛ըսէին, քաղաքացի ըլլալ, եւ ոչ` պարզապէս բնակիչ, քաղաքացի, երկի՛ր կերտելու համար, յառաջադէմ երկիր` իր ուսման եւ առողջապահութեան բարձր մակարդակով, գիտական զարգացումով, բարգաւաճող տնտեսութեամբ, ծաղկող մշակոյթով ու ճառագայթող լեզուով, ընկերային արդա՛ր կարգերով:

Երկիր` իր ամբողջացած տարածքներով:

Երկիր, ուր հայերը ուզեն վերադառնալ եւ ոչ թէ անկէ խոյս տալ:

Այս ամէնը եւ դեռ աւելին:

Մէկ վարչապետ այս ամէնը մինակը չի կրնար իրականացնել, որքան ալ սիրուած ըլլայ ու ժողովրդականութիւն վայելէ, նոյնիսկ եթէ գերմարդկային ուժերով օժտուած ըլլայ ան:

Մարտահրաւէրը բոլորինս է:

Մէկ ծաղիկով գարուն չի գար, ոչ ալ… մէկ Նիկոլով:

 

 

 

Դիմաւորել 100-ամեակը – 18. Սփիւռքները, Անկախութիւնը, Երէկ, Այսօր Եւ Վաղը

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Անկախութիւնը ներհայաստանեան հարց չէ միայն, ան համահայկական խնդիր է:

Սփիւռք(ներ)ը անկախութեան պէտք է կառչի երկու պատճառներով: Նախ` ընթացիկ հայապահպանման համար, քանի որ անկախ հայրենիքը զգացական-քաղաքական հպարտութիւն կը ներշնչէ, հոգեկան ուժ, երկրորդ` նաեւ վառ պահելու համար միացում-վերադարձի նոյնիսկ երազային յոյսը, թերեւս ալ` յանձնառութիւնը, առանց որուն` սփիւռք(ներ)ը պիտի չտեւէ:

7 դեկտեմբեր 1919-ին, Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունի, տպաւորիչ պատուիրակութեամբ մը, գտնուած է Միացեալ Նահանգներ եւ Նիւ Եորք տեղի ունեցած հանրաժողովին խօսած է ճառ մը: Այդ ճառը ամբողջութեամբ տեղ գտած է Սիմոն Վրացեանի «Կեանքի ուղիներով» երկի Ե. հատորին մէջ, էջ 310-315 (տպ. Համազգային, 1966): Ճառի էջերուն հետ կայ նաեւ պատուիրակութեան խմբանկարը, որ ինչե՜ր կը պատմէ, Անդրանիկ եւ Արմէն Գարօ…եւ ուրիշներ…

Յովհաննէս Քաջազնունիի ճառը այսօր ալ կարելի է կրկնել` ուղղուած սփիւռք(ներ)ին. «Երազե՞լ էիք երբ եւ իցէ, որ ձեզ, ձեր կեանքի ընթացքում, վիճակուել էր լսել այդ անունները` հայկական պարլամենտ, կառավարութիւն, զօրք, ոչ իբրեւ բաղձանք կամ հեռաւոր յոյս, այլ` իբրեւ կատարուած փաստ, գոյութիւն ունեցող իրականութիւն: Զգո՞ւմ էք արդեօք այս իրողութեան ամբողջ վեհութիւնը»:

Այս խօսքերը քաղաքական գիտակցութեան բարձրանալու կոչ են` ո՛չ բարեսիրութեան, ո՛չ զբօսաշրջութեան: Քաղաքացիական գիտակցութեան կոչ` նկատի ունենալով, որ հայը ո՛ւր որ ալ գտնուի, ի՛նչ ալ ըլլան օրէնքները, իր երկրին տէր քաղաքացի է: Երէկ եւ այսօր այս տրամաբանութիւնը պէտք է որ հասնի իր եզրայանգումին, ինչ ալ ըլլան խոչընդոտները` հոգեբանական, տնտեսական, ակնկալութիւններու: Յովհաննէս Քաջազնունի գիտէ, որ մարդկային տկարութիւններ կան, կան նաեւ այսօր: Կը խօսի այնպէս, որ կարծէք հիմա կը գտնուի գերաճող սփիւռք(ներ)ի այս կամ այն քաղաքը:

Յովհաննէս Քաջազնունի, կամ ժամանակակից մը երբ խօսի, պէտք ունի նաեւ լսողի: Կ’ըսէ. «Պատմութեան մեծ դէպքերը ունին մի առանձնայատկութիւն. նրանք չեն հասկացւում, չեն գնահատւում ըստ արժանիքի ժամանակակիցների կողմից: Պատմութիւնը մեծ է, լայն ու խոր, իսկ մարդկային միտքը` թոյլ ու սահմանափակ: Ժամանակ պէտք է անցնի, որ յանկարծակիի բերուած միտքերը կարողանան մարսել եւ իւրացնել անցած եղելութիւնը: Անմիջական մանրամասնութիւնները` յաճախ տգեղ ու վրդովեցուցիչ եւ միշտ չնչին` ամբողջութիւնը որակելու համար` առօրեայ մանր-մունր փոխյարաբերութիւնները, անհատական, խմբային կամ կուսակցական համակրութիւնները կուրացնում եմ ժամանակակիցների կարճատես աչքերը, սխալ գաղափար են տալիս կատարուած իրողութեան մեծութեան մասին» (էջ 311):

Այդ օրերուն ալ, ինչպէս այսօր, տգեղ ու վրդովեցուցիչ իրողութիւններ կան, բայց յանձնառու քաղաքացին, հայը ընդհանրապէս, փոխանակ պատասխանատուութենէ խուսափելու համար զանոնք պատճառ-պատրուակ համարելու` տիրութիւն կ’ընէ:  Հայրենիք լքելու եւ հայրենիք չվերադառնալու համար այնքա՜ն համոզիչ պատճառներ կարելի է ներկայացնել, ինչպէս` «ապրուելիք տեղ չէ», «ի՞նչ պիտի տայ ինծի Հայաստանը», «կաշառակերութիւն կայ», «աշխատանք չկայ»… Բայց ո՞ւր գրուած է, որ հայրենիք կը ստեղծուի եւ կը պահուի առանց տքնելու: Հայաստան Խաղաղականի արեւադարձային այս կամ այն կղզին չէ, ինչպէս կ’ըսեն` պանանային հանրապետութիւն չէ, որ այդպէս, առանց պայքարելու անկախանայ: Այդ երկիրներուն տիրած գաղութարարները գացին, անոնք թշնամի դրացիներ չունին, իրենց ետին չունին աւերածութեան հետք ձգած ներխուժողներու պատմութիւն:

Յովհաննէս Քաջազնունի կը խօսի պատմական մեծ իրադարձութիւններու մասին, որոնք անմիջապէս չեն հասկցուիր ժամանակակիցներու կողմէ: Իսկ մեր պատմութեան հանգուցային պահերու ժամանակակիցները մենք ենք: Ինչպէ՞ս ակնկալութիւններ ունենալ` բացակայ ըլլալով: Երէկ եւ այսօր, Հայաստանի վերականգնումին համար, ոչ միայն այսօրուան հանրապետութեան, համազգային վերաբերում պէտք է: Այդ վերականգնումը ամբողջացումն է հայրենիքի:

Ո՞վ կրնար երեւակայել, որ հայկական Արցախը պիտի ազատագրուէր:

Այդպէս կրնայ ըլլալ միացեալ Հայաստանի իրականացումը… եթէ պատմութեան բանալի պահուն մենք ներկայ ըլլանք, ոչ միայն սրտով, երգով, ծափով, այլ` մեր համրանքով, բազուկով, աշխատանքով, գիտութեամբ, որպէսզի Հայաստան-Արցախի իւրաքանչիւր թիզ հողը ծաղկի, բնակուի, զարգանայ, ըլլայ Երեւանի պատկերով: Ինչպէ՞ս. մարդոցմով, քրտինքով, ներդրումով, գիտութեամբ:

Եթէ միայն համոզուինք, ինչպէս կ’ըսէ Յովհաննէս Քաջազնունի, «Համակրութիւնները կուրացնում են ժամանակակիցների կարճատես աչքերը, սխալ գաղափար են տալիս կատարուած իրողութեան մեծութեան մասին»… Անհատներու ճիշդէն եւ սխալէն անդին, պէտք է գիտակցիլ նշուած կատարուած իրողութեան մեծութեան:  Եթէ դար մը առաջ այդ գիտակցութիւնը ցուցաբերած ըլլայինք` հրաժարելով անհատական եսերէ եւ հարուստ երկիրներու յատուկ տեսաբանական մարզանքներէ,  թերեւս այլ կ’ըլլար պատմութեան ընթացքը:

Յովհաննէս Քաջազնունիի խօսքին մէջ կայ խիստ կարեւոր պատգամ մը նաեւ: Կ’ըսէ. «Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, ուր մենք պէտք է որոնենք մեր փրկութիւնը, մեր դարաւոր տենչերի իրագործումը: Այստեղ է, որ հայ ցեղը պէտք է կեդրոնացնէ այսօր իր ամբողջ ուշադրութիւնը, իր միտքն ու հոգին, իր ստեղծագործական բոլոր կորովը, որովհետեւ այստեղից է, որ նա պէտք է լայնացնէ սահմանները, վերաշինէ ամբողջ Հայաստանը» (ընդգծ. ՅՊ):

Այլ պատգամ կրնա՞ն ունենալ Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի իրաւ ղեկավարութիւնները:

Սահմաններու լայնացումը մանանայի պէս երկինքէն պիտի չգայ, հեքիաթներու թզուկները պիտի չվերաշինեն ամբողջ Հայաստանը… Պարզ է` խօսքը չի վերաբերիր միայն հանրապետութեան: Երազները կարեւոր են, մեզ դուրս կը բերեն անհատական եւ հաւաքական հոգեկան ընկճուածութենէ, բայց անբաւաւար են հանրապետութիւնը եւ ամբողջ Հայաստանը վերաշինելու:

Պէտք է յաճախել մեծերու դպրոցը, մանաւանդ անոնց, որոնք մեր պատմութեան աստեղային պահերուն գտնուած են ազգի ճակատագիր տնօրինողի դիրքերուն վրայ:

Եթէ Յովհաննէս Քաջազնունիի 1919-ին Նիւ Եորքի մէջ արտասանած ճառը այսօր կրկնէր ժամանակակից մը, ոչ ոք պիտի խորհէր, որ այդ խօսքերը դար մը առաջ ըսուածի արձագանգ են:

1919-ին կամ այսօր, ազգովին պէտք է գիտակցիլ, որ Հայաստանները միացնելու եւ վերաշինելու աշխատանքը ոչ ոք պիտի կատարէ մեր փոխարէն: Իսկ այս մերը չի լքուիր եւ չի կիսուիր:

Սփիւռք(ներ)ի համար անկախութիւնը գիտակցութեան ոսկի առիթ է, մասնակցութեան եւ յանձնառութեան առիթ, փաստելու համար, որ ինք ազգին մէջ է, ազգի իրաւ հատուած է: Ոսկի առիթ` նաեւ հայրենի հողի վրայ ինքնիրականացման, գիտնալով, որ հողի վրայ միայն շարունակութիւն կարելի է ըլլալ:

Առանց ազգին մէջ սեփական ճակատագրի տիրութեան կը մնան սկիզբ եւ վերջ չունեցող շատախօսութիւնները, բարեսիրական խիղճի հանդարտեցումները, որոնք գոյն կու տան զբօսաշրջային արշաւներուն:

Դար մը առաջի մասին երբ կը խօսինք, ի մտի պէտք է ունենանք, որ դար մը վերջը այսօր սկսած է վերաշինութեամբ` սահմաններու լայնացման հեռանկարով:

Դար մը վերջ մեր յետնորդները եւ պատմութիւնը ինչպէ՞ս պիտի դատեն մեր սերունդը:

Պատասխանը այսօր պէտք է խմբագրել. հայրենիք լքող եւ ծագումով հայու ինքնագոհ սփիւռք:

20 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան

 

Բոշաները Մինչեւ 1950-ական Թուականները Չեն Կարողացել Ծառայել Թուրքական Բանակում

$
0
0

ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆ

Արդուին նահանգի Արդանուջ գաւառի Ադաքալ, (հայկական անուանումը` եւ Գեւհերնիք) թաղամասում հանդիպեցինք Շաւշաթ գաւառից եւ Շահբազ տոհմից ծագող (ըստ աւանդութեան, Շահբազները 4 եղբայր են եղել) 52-ամեայ Եաշար Քարաթաշին, ով աշխատում էր տեղի շուկայում: Ի դէպ, Ադաքալեն նախկինում բնակեցուած է եղել միայն հայերով: Ներկայում գիւղում ապրում են նաեւ քրտեր, սակայն բոշաներն այստեղ մեծամասնութիւն են կազմում: Եաշար Քարաթաշը նախ մեզ ցոյց տուեց գիւղում պահպանուած հայկական հետքերը, ապա հիւրընկալեց իր տանը եւ հաղորդեց հետեւեալ տեղեկութիւնները:

Եաշար Քարաթաշը Թուրքիայում մեզ հանդիպած բոշաների շրջանում ամենաշատն էր հետաքրքրուած իր արմատներով: Նա յայտնեց, որ յատուկ նպատակադրուած գնացել է Սվազ` Սեբաստիա, եւ այնտեղ հանդիպել տեղի բոշաների հետ, ովքեր պահպանել են իրենց լեզուն: Նա նաեւ պատմեց, որ ինքը ցանկացել է Արդանուջ գաւառում բացել լոմերի միութիւն, սակայն գիտակցելով, որ այստեղի բոշաները նման կազմակերպութիւնից ոչ թե սեփական մշակոյթի պահպանում, այլ զուտ նիւթական շահ կ՛ակնկալեն, հրաժարուել է այդ գաղափարից: Եաշար Քարաթաշը համոզուած էր, որ լոմերը պէտք է պահպանեն իրենց մշակոյթը, սակայն բոշաների մեծամասնութիւնը Թուրքիայում այդպէս չի մտածում:

Նա մեզ նաեւ յայտնեց, որ մի անգամ Խոփա եկած հայաստանցի բոշաների է հանդիպել ու իր տանը հիւրընկալել նրանց, եւ շեշտեց, թէ ցանկալի կը լինէր, որ հայաստանցիները, յատկապէս` մեր պետութեան մէջ բնակուող լոմերը կապեր եւ երկխօսութիւն զարգացնէին Թուրքիայի բոշաների հետ: Բայց եւ այնպէս, նա եւս ենթադրում էր, թէ լոմերի մշակոյթը նման է Ախլցխայի թուրքերի մշակոյթին: Ըստ նրա, հնում իրենց տղամարդիկ շրջազգեստ են կրել եւ դրանով պարել: Նախկինում բոշաները նախընտրել են վառ գոյները, սակայն ներկայում նրանց հագուստն առանձնապէս չի տարբերւում Թուրքիայի միւս ազգային հանրութիւնների հագուստից:

Եաշար Քարաթաշն ընդգծեց, թէ թուրքական պետութիւնը լոմերին հիմնականում որպէս անվստահելի տարր է ընկալել, եւ որ մինչեւ 1950-ական թուականները, այսինքն` ժողովրդավարների իշխանութեան գալը- չի թոյլատրել, որ նրանք ծառայեն թուրքական բանակում եւ պաշտօններ ստանան պետական հաստատութիւններում:  Նրա խօսքով, ընդհանուր առմամբ, այստեղի բոշաներն իրենց ճնշուած են զգացել եւ հենց դրա պատճառով են գիտակցաբար մոռացութեան մատնել սեփական մշակոյթն ու լեզուն:

Թէեւ իր ընտանիքում պահպանուել է լոմաւրենը, բայց իրենց տանը նոյնպէս թուրքերէնը հիմնական հաղորդակցման լեզու է հանդիսանում: Ըստ նրա, հայերէն բառերի առկայութիւնն իրենց լեզւում պայմանաւորուած է համշէնցիների հետ սերտ շփումներով: Նրա կարծիքով, լոմերի մշակոյթը միախառնուած է հարեւան մշակոյթների հետ: Սակայն իրենց մշակոյթում առկայ են նաեւ միայն իրենց յատուկ տարրեր: Օրինակ` բոշաներն ունեն մէյ անուամբ երաժշտական գործիք, որը նման է սրինգին:

Նրա կինը` 43-ամեայ Մերիեմ Քարաթաշը, մեզ հետ զրոյցում նշեց, թէ իրենք բռնի են իսլամացուել եւ ամենավերջինն են իսլամ ընդունել Թուրքիայի ցեղային խմբերի մէջ, եւ որ 1980 թ. ռազմական յեղաշրջումից յետոյ` ֆաշիստ զօրավար Քենան Էվրենի իշխանութեան գալով, լոմերն աւելի մոլի եւ պահպանողական են դարձել կրօնի հարցում: Ի դէպ, նոյնը կարելի է ասել նաեւ միւս ցեղային խմբերի մասին: Մերիեմ Քարաթաշը բոշաների խոհանոցին յատուկ մի քանի ուտեստներ թուարկեց` քէթ` (գաթա), խենկել, բիշի, խաշոյ, քանչլամա, խաշիլ, փուչիքո, ֆեթիր:

Ի պատասխան մեր այն հարցին, թէ արդեօք բոշա կանայք ճնշուա՞ծ են ընտանիքում եւ հասարակութեան մէջ, նա ասաց, որ իր ամուսնու ներկայութեամբ չի կարող պատասխանել այդ հարցին` այդպիսով ակամա մատնելով իր ոչ այնքան ազատ դիրքն ընտանիքում:

Հիւրընկալուելով Քարաթաշների ընտանիքում` զրուցեցինք նաեւ Եաշար Քարաթաշի աւագ որդու հետ (Քարաթաշները 3 արու զաւակ ունեն): 23-ամեայ Օլճայ Քարաթաշն աւարտել է Կիւմիւշհանէի համալսարանի հաղորդակցութեան ճիւղը: Նա յայտնեց, որ բոշայ երիտասարդները չեն գիտակցում իրենց արմատները պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, քանի որ հիմնականում ամաչում են իրենց ինքնութիւնից: Նա նաեւ նշեց, թէ լոմ երիտասարդները բաւականին հեռացել են սեփական արմատներից:

Նշենք, որ բոշաները Թուրքիայում աքլորակռուի աւանդոյթ ունեն: Վերջում Քարաթաշների ընտանիքը մեզ ցոյց տուեց յատուկ այդ նպատակով իրենց այգում պահուող աքլորներին:

19-ը նոյեմբերի, 2016 թ., Արդանուջ, Ադաքալէ,
Ուսումնասիրութիւնը կատարուել է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ:

«Ակունք»

Ճէյմս Պրայս (1838-1922). Հայկական Հարցի Միջազգայնացման Բրիտանացի Նախակարապետը

$
0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մայիս 10-ին բացառութեան կարգով կը նշենք ծնունդը ոչ հայ, այլ բրիտանացի քաղաքական եւ պետական հռչակաւոր գործիչի մը` իրաւագէտ ու պատմաբան դերկոմս Ճէյմս Պրայսի, որ նախակարապետներէն մէկը կը հանդիսանայ Հայկական հարցի իրաւական-քաղաքական արծարծումին եւ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական իրաւունքներու միջազգային ճանաչումին:

Դերկոմս Ճէյմս Պրայսի օրինակին ու աւանդին վրայ կեդրոնանալու յատուկ պատճառներ ունինք մանաւա՛նդ մեր օրերուն, երբ Մեծ Ուրացման իրենց պետական քաղաքականութիւնը վերանորոգ թափով յառաջ մղելու նպատակով Թուրքիոյ նորահաս վարիչները, սուլթանական օրերու փառքին վերադառնալու ցնորքով համակուած նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, շարունակ կը պնդեն պատմական ճշմարտութեանց քննարկումն ու վճռահատումը պատմաբաններուն յանձնարարելու անհրաժեշտութեան վրայ:

Իսկ Ճէյմս Պրայս այն եզակի դէմքն է, որ նախ ականատես եղաւ հայ ժողովուրդի բնաջնջումը պետականօրէն ծրագրելու եւ գործադրելու Թուրքիոյ ցեղասպանական ահաւոր ոճիրին: Ապա պատմական ճշմարտութիւնը, փաստագրական եւ վաւերագրական ամբողջական թղթածրարով մը, իրաւագէտի եւ պատմաբանի առարկայականութեամբ հաստատագրեց: Եւ վերջապէս, բայց կարեւորութեամբ` ո՛չ վերջինը, միջազգային տարողութեամբ քաղաքական գնահատումի արժանացուց գործուած ոճիրը` իբրեւ Հայաստանի ու հայութեան դէմ պետականօրէն գործադրուած Ցեղասպանութիւն:

Ճէյմս Պրայս ներհուն պատմաբանի եւ իրաւագէտի արժանաւորութեամբ իրաւա՛մբ կը խորհրդանշէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի բարեկամն ու Հայկական հարցի իրաւապաշտպանը, որ վկայեց ի միջի այլոց.

«Ջարդերը հետեւանք էին այն քաղաքականութեան, որուն որքան կարելի է պարզել, որոշ մէկ փուլի կը հետեւէր թրքական կայսրութեան մէջ ներկայիս իշխանութեան գլուխ կանգնած անսկզբունք բախտախնդիրներու աւազակախումբը: Անոնք կ՛երկմտէին իրագործելու այդ ոճիրը, մինչեւ որ, ըստ անոնց, հասաւ յարմար պահը, եւ այդ պահը ապրիլ ամիսն էր:

« Կը ցաւիմ, որ այդպիսի տեղեկութիւնը ինծի հասաւ շատ ժամեր անց եւ ցոյց կու տայ, որ 800.000ը մայիսէն ասդին ոչնչացուածներու հնարաւոր թիւն է…» (Լորտերու պալատ, Հանսարտ, 5-րդ ժողովածու, հատոր 19, 6 հոկտեմբեր 1915):

Ճէյմս Պրայս 10 մայիս 1838-ին ծնած է Պելֆասթ (Իրլանտա): Պելֆասթի ակադեմիային եւ Կլասքոյի համալսարանին մէջ ուսանելէ ետք Պրայս ընդունուեցաւ Օքսֆորտի Թրինիթի քոլեճը, ուրկէ փայլուն յաջողութեամբ տիրացաւ իրաւաբանի տիտղոսին եւ 1862-ին արժանացաւ Օրիէլի (Քինկ՛զ քոլեճի) աշխատակիցի արքունի եւ ակադեմական բարձր կոչումին: Քանի մը տարի փաստաբան աշխատեցաւ Լոնտոնի մէջ, բայց 1870-ին հրաւիրուեցաւ Օքսֆորտ` իրաւաբանական բաժանմունքի մէջ քաղաքացիական օրէնքի դասախօսի պաշտօն ստանձնելու համար: Իբրեւ այդպիսին` Ճէյմս Պրայս մինչեւ 1893 շարունակեց իր պաշտօնավարութիւնը Օքսֆորտի մէջ:

Իրաւաբանութեան կողքին` Ճէյմս Պրայս բարձրագոյն ուսման հետեւած էր պատմագիտութեան մէջ եւ 1864-ին լոյս ընծայած էր «Հռովմէական Սրբազան կայսրութիւնը» անուն իր աշխատասիրութիւնը, որ հմուտ պատմաբանի միջազգային հռչակին արժանացուց երիտասարդ մտաւորականը:

Ճէյմս Պրայս նուիրեալ հնախոյզ էր: 1872-ին ան ճամբորդեց Իսլանտա, որպէսզի գտնէ «Իսլանտական սակա»-ներու երկիրը: Իսկ 1876-ին, միեւնոյն հնախոյզի հետաքրքրութեամբ, ան բարձրացաւ Արարատ լերան գագաթը, ուր գտաւ Նոյեան տապանի մնացորդ հնագիտական իրեղէններ: Հնախոյզի եւ պատմաբանի իր հետաքրքրութեամբ, այդ ժամանակէն սկսեալ, Ճէյմս Պրայս ոչ միայն մօտէն ուսումնասիրեց հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութիւնը, այլեւ լաւապէս ծանօթացաւ հայ մշակոյթի մեծարժէք ժառանգութեան` դառնալով մեր ժողովուրդի ստեղծած արժէքներուն մեծ հիացող մը եւ Հայաստանի ու հայութեան ազգային ոտնակոխուած իրաւունքներուն հաւատաւոր պաշտպան մը: Պրայսի այդ հետազօտութեանց եւ պատմագիտական ուսումնասիրութեանց առաջին արգասիքը եղաւ 1877-ին լոյս տեսած անոր «Անդրկովկաս» աշխատասիրութիւնը, որ տարածաշրջանի պատմութեան ընդհանուր արժեւորման մէջ յատուկ կեդրոնացումով գնահատումը կատարեց Հայաստանի ու հայութեան գրաւած տեղին ու արժէքին:

Միաժամանակ քաղաքական գործիչ էր Ճէյմս Պրայս, ատենի Ազատական կուսակցութեան հաւատարիմ անդամ, որ 1880-ին առաջին անգամ ընտրուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի անդամ` Ազատական կուսակցութեան ցուցակով: Մինչեւ 1907 Պրայս շարունակեց իր անդամակցութիւնը խորհրդարանին` գործադիր իշխանութեան մէջ եւս պաշտօններ ստանձնելով: Յատկապէս Կլատսթոնի վարչապետութեան օրով Ճէյմս Պրայս հասաւ մինչեւ արտաքին գործոց փոխնախարարի պաշտօնին: Վարեց նաեւ դեսպանութեան պաշտօններ: 1907-ին ան նշանակուեցաւ Մ. Նահանգներու մէջ Բրիտանիոյ դեսպան եւ այդ պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ 1913` անգլեւամերիկեան երկարամեայ բարեկամութեան եւ գործակցութեան ամուր հիմերը դնելով: Նոյն շրջանին, տասնամեակներու իր ծառայութեան համար Պրայս արժանացաւ Էտուըրտ 7-րդ թագաւորի Արժանաւորութեան կարգին` լորտի տիտղոս ստանալով եւ 1913-ին Լորտերու պալատին անդամ ընտրուելով:

Երբ սկսաւ Ա. Աշխարհամարտը, բրիտանական կառավարութիւնը Պրայսին յանձնարարեց Պելճիքայի մէջ գերմանական կայսերական բանակին գործած ոճիրներուն մասին պետական տեղեկագրի մը պատրաստութիւնը, որ 1915-ին լոյս տեսաւ «Պրայսի զեկոյց» անունով:

Իր այդ դիրքէն եւ միջազգային մեծ վարկի արժանացած ու յարգանք վայելող պետական գործիչի, իրաւագէտի եւ պատմաբանի հեղինակութեամբ, 1915-ի յուլիսին Պրայս Լորտերու պալատին մէջ ունեցաւ պատմական իր ելոյթը` ահազանգ հնչեցնելով թրքական պետութեան ի գործ դրած հայ ժողովուրդի բնաջնջման ցեղասպանական ոճիրին դէմ: Բրիտանական կառավարութիւնը յանձնարարեց Պրայսի, որ երիտասարդ պատմաբան Առնոլտ Թոյնպիի գործակցութեամբ մանրամասն տեղեկագիր մը պատրաստեն հայերու դէմ գործուած թրքական ջարդերուն մասին:

Պրայս-Թոյնպի երկեակը իր մանրակրկիտ աշխատանքը աւարտեց եւ, իբրեւ բրիտանական կառավարութեան «Կապոյտ գիրք»-ը, 1916-ին լոյս ընծայեց իր հաւաքած փաստաթուղթերուն, վկայութիւններուն եւ քաղաքական արժեւորումներուն արդիւնքը:

Իր կեանքի վերջին տարիներուն Պրայս նշանակուեցաւ Լա Հէյի Միջազգային ատեանի անդամ, մեծ ներդրում ունեցաւ Ազգերու լիկայի ստեղծման մէջ, բայց յատկապէս Ա. Աշխարհամարտի աւարտէն ետք Դաշնակիցներուն նախաձեռնած խաղաղութեան բանակցութիւններու ընթացքին ջերմօրէն պաշտպանեց հայ ժողովուրդին նկատմամբ արդարութիւն գործելու անհրաժեշտութիւնը:

Հայկական հարցի իրաւապաշտպանին նուիրուած ոգեկոչական այս ակնարկը եզրափակենք հատուածներով` 23 մարտ 1905-ին Ճէյմս Պրայսի արտասանած քաղաքական կարեւոր ճառէն, Լոնտոնի «Էյթի Քլապ»-ին մէջ, «Թուրքիան եւ Եւրոպան» խորագրով.

«… Արեւելեան հարցը հետեւեալն է: Արեւելեան Եւրոպայի եւ արեւմտեան Ասիոյ մէջ կայ ռազմապաշտ մարդոց խումբ մը, զոր մենք կ՛անուանենք թուրք կառավարութիւն, որ այն օրէն, երբ դուրս է պրծած իր դեղին ցեղին հետ Ասիոյ խորքերէն, ուրիշ զբաղմունք չէ ունեցած` բացի կողոպտելէ եւ կոտորելէ իր տիրապետած ժողովուրդները: Եւ այս մարդոց (թուրքերուն) քաղաքակիրթ Եւրոպան կը ճանչնայ ու կը վարուի անոնց հետ որպէս քաղաքակիրթ պետութեան մը»:

«… Երկու մեծ գիծեր կը բնորոշեն թրքական պետութիւնը. նախ` այն, որ անիկա կ՛ապրի իր սեփական ուժերով, այլեւ` ուրիշ տէրութիւններու փոխադարձ նախանձով, եւ երկրորդ` ան երբեւիցէ չի կարողանար բարենորոգուիլ:

«… Այսօր Անգլիան, աւելի քան երբեք, քիչ ցանկութիւն ունի միջամտելու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Մենք գրեթէ բոլորս համաձայն ենք, որ այլեւս չենք կրնար Խրիմի պատերազմը վերսկսիլ Թուրքիոյ պաշտպանութեան համար»:

«… Երբ 1895-1896-ին լորտ Սալզպըրին փորձեց Եւրոպայի միահամուռ գործակցութեամբ վերջ դնելՀայաստանի ջարդերուն, անոր դէմ ցցուեցաւ իշխան Լոբանովը»:

«…Հայկական հարցը պարզ եւ որոշ կը դառնար, եթէ մէկ կողմ թաքնուէր քաղաքականութիւնը, եւ մարդկային տարրական իրաւունքները յարգուէին, ու Եւրոպան ցանկար միայն վերջ դնել այդ խայտառակութեան»:

«… Հաւատացած եղէք, որ Գերմանիան¬Թուրքիոյ դէմ չ՛ելլեր, բայց կարող էք համոզուած ըլլալ նոյնպէս, որ ան սուլթանի իրական պաշտպանութիւնը յանձն կ՛առնէ այն օրը, երբ պետութիւնները կը վճռեն միջամտել»:

«… Ես ալ երկար ժամանակ հաւատացած եմ եղած, որ Լորտ Սալզպըրին Հայաստանի մէջ ընտրելով յաջորդ հոգեբանական պահը` ի վիճակի էր կանգնեցնելու ջարդերը բաւականաչափ արագ եւ եռանդուն գործողութեամբ մը: Ես դեռ այժմ ալ կը հաւատամ, որ եթէ մենք 1895-1896ին ուղարկէինք մեր նաւատորմները Պոլսոյ առաջ, Թուրքիան ստիպուած պիտի ըլլար զիջելու, փոյթ չէ նոյնիսկ, թէ մենք մեն-մենակ ըլլայինք»:

«… Հայաստանի մէջ խնդիրը շատ աւելի պարզ է. գոնէ պետութեանց շահերը հոն նուազ կարեւոր են ու սակաւաթիւ: Միմիայն Ռուսաստանն է, որ կրնայ քաղաքական հայեցակէտներ մէջտեղ բերել: Միւս պետութիւնները, ինչպէս եւ` Անգլիան, հոս միայն մարդասիրական պարտքեր ունին: Եթէ քրիստոնեայ կոչուած այդ պետութիւնները պարտքի ամենափոքր գիտակցութիւն ունենային, Հայկական հարցը կը լուծուէր առանց որեւէ դժուարութեան: Բաւական էր նշանակել Եւրոպայի հանդէպ պատասխանատու նահանգապետ մը, որ ունենար առանձին պիւտճէ եւ բաւարար իշխանութիւն` կարգը պահպանելու, պաշտօնեաներու զեղծումներուն եւ քիւրտերու կողոպուտներուն վերջ դնելու համար, եւ հարցը կարելի էր լուծուած համարել: Արդ, ո՛չ Գերմանիան եւ ո՛չ Աւստրիան երբեք չեն զբաղած Հայաստանով…»:

Viewing all 12085 articles
Browse latest View live