Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12135 articles
Browse latest View live

Հպարտ Ենք

$
0
0

Կիրակի, 22 ապրիլ 2018: «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին առջեւ մեծ թիւով սկաուտներ (փոքրեր եւ մեծեր) իրենց շատ գեղեցիկ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական եւ մարզական տարազներով շարքի կեցած էին եւ կը սպասէին ընդհանուր հրահանգի` քալելու դէպի առաջ:

Առիթը աւանդութիւն դարձած ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի ապրիլեան քայլարշաւն էր դէպի մայրավանք, Անթիլիաս:

Այս քայլարշաւը արդէն չորս տարի է, որ տեղի կ՛ունենայ, եւ մենք` իբրեւ ծնողներ, կը մասնակցինք այս գեղեցիկ սովորութեան:

Շեփորախումբին զօրաւոր եւ հաւասարակշռուած նուագին քաջալերական ձայնէն ոչ միայն սկաուտներուն տրամադրութիւնը բարձր էր, այլ նաեւ մեր` ծնողներուս տրամադրութիւնը:

Հպարտ էինք, որ մեր զաւակները յանձնած էինք ՀՄԸՄ-ի այս մասնաճիւղի սկաուտական շարքերուն եւ մարզական դպրոցներուն եւ ահա ազգային գիտակցութեան զգացումներով եւ բարոյական մեր արժանիքները պահպանելու վճռակամութեամբ, անոնք պիտի քալէին ակումբէն դէպի վանք: Ակումբը` մեր Դատին տէր կանգնելու վճռակամութեան խորհրդանիշը, իսկ վանքը` մեր նախնիներուն մասունքներուն մատուռը, յիշատակը եւ գիտակցութիւնը:

Սկաուտ, մարզիկ եւ ծնողք քալեցինք մինչեւ վանք` ճամբուն ընթացքին երբեմն յիշելով մեր պապիկներուն եւ մամիկներուն զոհողութիւնները, երբեմն ալ անոնց փոխանցած պատգամները կամ խօսքերը` «Հա՛յ մնացէք», «Հայերէ՛ն խօսեցէք»:

Հոն` վանքի շրջափակին մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան մատուռին շուրջ հաւաքուած սկաուտները եւ մարզիկները, իրենց կոկիկ եւ համաչափ շարքերով, յայտնեցին իրենց յարգանքը, ապա իւրաքանչիւրը ծաղիկ մը զետեղեց բոցավառող կրակին մօտ, որ կը խորհրդանշէր մեր նահատակներուն յիշատակը:

Շատ խորհրդաւոր էր ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն եւ մարզիկներուն այս փոքր, բայց խորապէս իմաստալից արարողութիւնը, որ խորապէս դաստիարակիչ էր:

Վարձքը կատար` բոլոր պատասխանատուներուն եւ սկաուտական խմբապետերուն, որոնք յղացան եւ քաջալերեցին ապրիլեան այս քայլարշաւը:

ԾՆՈՂ ՄԸ


43 Տարի Անց

$
0
0

ԻՇԽԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ

2011 թուական, փետրուար ամիսն էր:  Օր մը, առաւօտուն գրասենեակս նստած` աշխատանքի մէջ էի, յանկարծ ինծի ծանօթ թաղեցի բարեկամ Գրիգոր Տաքէսեանը հանդիպեցաւ ու բարեւելով ըսաւ.

– Լսա՞ծ ես համշէնահայերու մասին:

– Ո՛չ,- ըսի,- բայց որոշ բաներ լսած եմ համշէնահայերու մասին:

– Գիտե՞ս, որ հայրիկիդ, քու եւ մեծ մօրդ մասին  յօդուած մը գրուած է Հայաստանի «Ձայն Համշէնական» ամսաթերթին մէջ: Երբ օրինակներէն ինծի հասնի, քանի մը օրինակ կրնամ ապահովել քեզի: Ան ըսաւ, որ յօդուածին նիւթը 1964 թուականն էր, եւ երբ դուն 8 տարեկանիդ ծնողքիդ հետ Աբխազիա` մեծ մօրդ քով գացեր էիր:

– Այո՛,- ըսի,- ճիշդ է, Գօգօ՛: – Այս ի՞նչ անակնկալ բան է, պահ մը մտածեցի: Այդ օրը ամբողջ անոր մասին կը մտածէի` ամէն ինչ մոռցած:

Անցաւ մօտաւորապէս շաբաթ մը, դարձեալ օր մը ճամբան հանդիպեցայ Գօգոյին: Ան ինծի  «Ձայն Համշէնական»-ի ելեկտրոնային հասցէն տուաւ` ըսելով, որ հոն կրնամ ամսաթերթին PDF ֆայլը գտնել ու կարդալ:

– Լա՛ւ,- ըսի,- այս իրիկուն կը փնտռեմ ու կը կարդամ: Անհամբեր կը սպասէի, որ իրիկուն ըլլար, երեկոյեան, երբ տուն հասայ, շուտով ինթըրնեթը բացի ու սկսայ ամսաթերթը ուշի ուշով կարդալ:

Ատլեր օդակայան, Սամուէլ Անդրանիկեան եւ Իշխան Անդրանիկեան Յարութ Ճանսուզեանի հետ

Այս ինչ անսպասելի յուշեր են, որ ինծի հանդիպեցան երկար տարիներ ետք: Ահա իրական դէպք մը, որ կը յուզէ հոգիս: Ես ողջ մնացած եմ իբրեւ վկայ այս դէպքին: Այո՛, փոքր զաւակն եմ Սամուէլին, որ 1964 թուին, 8 տարեկանիս, բախտը ունեցեր եմ հանդիպելու մեծ մօրս` Զանակ (Զանիկ) տատիկիս, Աբխազիոյ մէջ:

Երբ PDF-ով առաջին անգամ կը կարդայի մեծ մօրս իրական պատմութիւնը, անշուշտ շատ յուզուեցայ ու շա՜տ, շա՛տ լացի, թէեւ պատմութենէն որոշ բաներ լսած էի հօրմէս, թէ Մեծ եղեռնի ժամանակ, 1915-ին սիրելի լուսահոգի հայրիկս կորսնցուցած էր իր մայրը, եւ թէ ինչպէ՛ս հայրիկս` Սամուէլը, ազատած է ջարդէն, դրուած որբանոց եւ հոնկէ հասած` Լիբանան, Անթիլիասի որբանոցը:

Անշուշտ պատմութիւնը նախապէս մանրամասնութեամբ չէի գիտեր, բայց որոշ դէպքեր հայրիկս ինծի պատմած էր, մանաւանդ որ հազիւ կը յիշեմ, ես 8 տարեկանիս այցելեցի մեծ մայրիկիս եւ տեսայ զայն: Այդ ժամանակ պարզ էր, որ ես մեծ մարդու նման զգացումներ չունէի, բայց այսօր, ահաւասիկ, 47 տարիներ ետք, կ՛ապրիմ այդ զգացումները եւ շատ կը յուզուիմ:

Մօտաւորապէս 2 ժամ տեւեց, մինչեւ որ վերջացնեմ ընթերցումս, որ կը կարդայի համակարգիչին վրայ, քանի որ նախ գրութիւնը արեւելահայերէն էր, ու ես անվարժ էի այդ մէկը սահուն կարդալու համակարգիչէն:

Կէս գիշեր էր, երբ ընթերցումս հասաւ այն բաժինը, ուր իմ մասին գրուած էր: Սկսայ լալ եւ արցունքներս սրբել ու յիշել այն օրերը, որ եղած եմ հոն` Աբխազիա: Արդէն իսկ առջեւս հաւաքած էի այդ նկարները. մէկ կողմէն կը կարդայի, միւս կողմէն` նկարները կը դիտէի ու դարձեալ կու լայի: Շատ դժուար է այդ զգացումները բացատրել:

Ինչ կը վերաբերի հայրիկիս յուշերուն, ան բնաւ իր ձեռագրով յուշեր չէր գրած, բայց ունէր գրադարանին մէջ պահուած ֆոթօ-ալպոմներ, որոնք լեցուն էին որբանոցի եւ երիտասարդութեան նկարներով, մանաւանդ` ֆութպոլի խմբային նկարներով:

Հայրիկս կը պատմէր որբանոցի օրերէն, թէ` որբերուն միակ զբաղումը այդ օրերուն ֆութպոլն էր, եւ իրենք «ՈՐՈՏՈՒՄ» անունով ֆութպոլի խումբ մը կազմած էին որբանոցին մէջ: Յետոյ, երբ որբանոցի օրերը լրացան, ու որբերը դուրս եկան որբանոցէն, հայրիկս մաս կը կազմէ Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի առաջին խումբին 1942 թ.: Հետագային կ՛ըլլայ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեան խումբը:

 

Տառապանքի
Փշոտ Ճանապարհներին

Շուտով կը լրանայ Մեծ եղեռնի 100-ամեակը: Բայց Հայաստանի  գրադարաններում ու ընտանեկան գրադարակներում քիչ գրքեր կան` նուիրուած մարդկութեան պատմութեան ամենաբարբարոսական, նողկալի ոճրագործութիւններով հարուստ էջերից մէկին: Քիչ` երեւոյթի ողբերգականութեան ու ծաւալների ահռելիութեան համեմատ: Ցաւալիօրէն քիչ, ամօթալիօրէն քիչ, աններելիօրէն քիչ: Պատճառները չանտեսենք. յատկապէս ստալինեան բռնապետութեան տարիներին Հայոց ցեղասպանութեան մասին գրելն անթոյլատրելի էր: Սփիւռքը դեռ ուշքի չէր եկել, տարբեր երկիրների որբանոցներում հանգրուանած սերունդը դեռ ոտքի չէր կանգնել:

Հայ ժողովրդի հայրենիքի փրկուած մի հատուածում` Խորհրդային Հայաստանում, մինչեւ 1965թ.  յայտնի ցոյցը մարդիկ իրենց ծնողների, ազգականների, զաւակների տանջալից սպանդի մասին բարձրաձայնելու եւ գրելու շատ քիչ հնարաւորութիւններ ունէին: Եթէ 1965-ից յետոյ Հայաստանում ինչ-որ չափով վիճակը փոխուեց, սկսեցին հատուկենտ գրքեր ու յօդուածներ տպագրուել, 1967թ. Մեծ եղեռնի զոհերին նուիրուած յուշարձան կանգնեցուեց, ապա Ռուսաստանում, Ազրպէյճանում ու Վրաստանում, միւս հանրապետութիւններում, որտեղ Ցեղասպանութեան տարիներին ապաստանել էին տասնեակ հազարաւոր հայ գաղթականներ, նոյնիսկ 1965-ից յետոյ էլ չէր կարելի մարդկութեան դէմ գործուած այդ մեծագոյն ոճիրի մասին գրել:

Այսպէս չգրանցուեցին վերապրողների յուշերը, մեռան գնացին նրանք, ովքեր կարող էին եզակի վկայութիւններ տալ հայ ժողովրդի պատմութեան ամենասեւ էջի մասին, նաեւ` պատմել հերոսացման հարիւրաւոր դրուագներ: Գրողներ եղան, տարբեր վայրերում գտնուեցին մարդիկ, ովքեր գրի առան իրենց կամ ուրիշների յուշերը, պատմեցին հայի ողբերգութեան ու հերոսութեան պատմութիւնը, բայց այդ տետրերից շատերն այդպէս էլ չհրատարակուեցին: Նրանց թողած մաշուած թղթերը գուցէ դեռեւս մնում են նրանց սերունդներից ոմանց գզրոցներում, կամ, որ աւելի յաճախ է պատահում, նետուել են աղբանոց արդէն ուծացած թոռների կամ օտարազգի հարսների ու փեսաների ձեռամբ:

Այսօր, երբ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող թուրքական պետական քաղաքականութեանն ենք առճակատւում, վարժ ու անվարժ ձեռագրերով, երբեմն ընդամէնը տարրական կրթութիւն ստացած վերապրողների գրած այդ յուշերը անժխտելի վկայութիւններ կարող էին լինել, բայց անդարձ կորան:

Տարիներ շարունակ, հնարաւորութեան սահմաններում, հաւաքել եմ Մեծ եղեռնի մասին համշէնահայերի յուշերը: Այսօր կարողացել եմ տպագրել մի քանի յուշ, որոնցից վերջինը` «43 տարի անց» (թիւ 80-81), շատ մեծ արձագանգ գտաւ ընթերցողների շրջանում: Այն Ցեղասպանութեան մէկ այլ ականատեսի յուշերի տետրի հետ տարիներ առաջ ինձ է տուել Կակրայի հայկական դպրոցի նախկին տնօրէն, երկարամեայ մանկավարժ, շատ հայրենասէր եւ հրաշալի մարդ Լեւոն Կրպաշեանը, որին կրկին իմ երախտագիտութիւնն եմ յայտնում:

Աբխազիա, Զանակ Տատիի տղան Յարութ Ճանսուզեան եւ թոռները գիւղին տան մուտքին

Անշուշտ, վերապրածների յուշերն անհնար է անտարբեր կարդալ, բայց Զանակ Տատիի պատմութիւնը, նաեւ` Եփրեմ Զաքարեանի շատ անմիջական ներկայացնելու շնորհիւ, չափազանց յուզիչ է, եւ նոյնիսկ ես, որ այն քանիցս կարդացել եմ շարելու ու սրբագրելու, խմբագրելու ու տպագրութեան պատրաստելու ընթացքում,  նաեւ` տպագրութիւնից յետոյ, ամէն անգամ խորապէս յուզուել եմ եւ արցունքներն ընդհատել են ընթերցումը: Նման ապրումներ են ունեցել թերթի ընթերցողներից շատերը: Ինձ զանգահարել են նաեւ իմ գործընկերներից ոմանք` Հայաստանի Գրողների միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը, ճանաչուած հրապարակախօս Մարգօ Ղուկասեանը եւ ուրիշներ: Իսկ պէյրութցի յայտնի մտաւորական, լրագրող եւ պատմաբան, այժմ երեւանաբնակ Գէորգ Եազըճեանի զանգը նոր էջ մը աւելացրեց այս պատմութեանը: Նա իր յուզմունքն արտայայտելուց յետոյ ասաց, որ Պէյրութում ճանաչել է Զանակ տատիկի որդուն` Սամուէլին: Ուստի խնդրեցի, որ շուտով կապ հաստատի նրա ժառանգորդների հետ եւ այդ մասին յօդուած գրի: Նրա օգնութեամբ շուտով համացանցի միջոցով ծանօթացայ Սամուէլի որդու` Իշխանի հետ, նրան ուղարկեցի թերթի PDF տարբերակը, նա էլ ինձ մի շարք լուսանկարներ եւ նոր տեղեկութիւններ ուղարկեց: Զանակ տատիի մասին նիւթի հրատարակութեան առիթով հեռաւոր Լոս Անճելըսից իր խորին երախտագիտութիւնը համացանցով յայտնեց նաեւ Սամուէլի դուստրերից մէկը` Քնարիկը, որ այժմ կոչւում է Քիքի Կասսիա:

Յոյսով ենք, որ էլի արձագանգներ կը լինեն, մանաւանդ` Աբխազիայից, որտեղ բնակւում են Զանակ տատիկի միւս ժառանգները:

ՍԵՐԳԷՅ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

 

Ընտրութիւն-Բանակցութի՞ւն, Թէ՞ Բանակցութիւն-Ընտրութիւն

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Հայաստանի վերջին օրերու զարգացումը ընթացաւ այն տրամաբանութեամբ, որ ժողովրդային շարժումը, Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ եւ ՀՅԴ, «Բարգաւաճ Հայաստան» զօրակցութեամբ, չյաջողեցաւ շարժման ղեկավարը վարչապետ ընտրել:

Տրամաբանօրէն «Իմ քայլը» շարժումը առաջին օրերուն կեդրոնացած էր անձի փոփոխութեան վրայ, որ ապրիլ 23-ին կրցաւ յաջողութեամբ կատարել, իսկ երկրորդ փուլը, անձէն անդին,  համակարգի փոփոխութիւն էր: Ընդդիմութիւնը սկիզբը կը հաւատար, որ անձին, այսինքն Սերժ Սարգսեանի հրաժարականով համակարգը, այսինքն Հանրապետական կուսակցութիւնը փուլ կու գայ: Փաստօրէն մայիս 1-ին, Հանրապետական կուսակցութիւնը` իբրեւ իշխանութեան համակարգ, իր 55 ձայներով կրցաւ ինքզինք պահել յառաջիկայի հեռանկարով:

Ի՞նչ է գալիք հեռանկարը:

Նիկոլ Փաշինեանին առաջարկը այն է, որ ընտրեցէք վարչապետ, յետոյ բանակցինք բոլոր հարցերուն շուրջ, իսկ հանրապետականին առաջարկը` նախ բանակցինք, յետոյ ընտրենք:

Հաւանաբար յառաջիկայ օրերը բանակցութեան եւ քաղաքական ճնշումի օրեր պիտի ըլլան:

Տպաւորութիւնը այն է, որ Նիկոլ Փաշինեանի առաջին օրերու յայտարարութիւնները Հանրապետական կուսակցութեան հասցէին` շփոթի եւ վախի մթնոլորտ մը ստեղծած է: Ազգային ժողովին մէջ Հանրապետական կուսակցութեան ելոյթները տողատակի կը հաստատեն, որ ընդդիմութիւն ըլլալու պատրաստ են, բայց…

Այսօր իշխանական համակարգը պէտք է գիտնայ, որ բանակցութիւնները պիտի ընթանան հետեւեալ տրամաբանութեամբ. Նիկոլ Փաշինեանը` յեղափոխական գիծով, իսկ Հանրապետականը` քաղաքական վարքագիծով: Այսինքն պէտք է ընդունիլ Նիկոլ Փաշինեանին յեղափոխական եւ ժողովրդային ուժը, որպէսզի բանակցութիւնները եւ զիջումները ըստ այնմ կատարուին:

Ճիշդ չէ այսօրուան դրութեամբ հին էջեր բանալ, թշնամական կամ անարգական խօսքեր ըսել եւ կիրքի բերել ու մթնոլորտ ստեղծել: Բոլորն ալ անխտիր գիտեն, թէ ո՛վ ի՞նչ ըրած էր, ի՞նչ կ՛ընէր եւ ի՞նչ է այսօր: Կարեւորը այսօրուան բարձր տրամադրութեան ալիքը վառ պահելու համար վաղուան օրը տեսնելու կարողութիւնը եւ քաջութիւնը ունենալն է:

Այդ մէկը կ՛ըլլայ միայն պետականութեան եւ հայրենիքի տեսլականով եւ ոչ թէ` ներկուսակցական եւ անհատական առաջնահերթութեամբ:

Կարեւորը այս իմաստով յառաջիկայ օրերու,  ինչպէս մայիս 1-ի Ազգային ժողովի քննարկման մակարդակը եւ քաղաքական հասունութիւնը կրցան պահել, նոյն ձեւով ալ լուծումներու հասնին:

Յուսալով, որ երկրորդ նիստին Նիկոլ Փաշինեանը վարչապետ կ՛ընտրուի:

 

 

«Լիբանանն Ենք Նաեւ Մե՛նք»

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

«Մեր կեանքն է հոս, մեր տունն է հոս,
Մենք ծնած ենք ազատ եւ ըմբոստ,
Կը զոհուինք, որ դուն յաւերժ բարձրանաս,
Լիբանա՛ն, մեր արիւնն է քեզի ընծայ»

ՂԱՍՍԱՆ ՌԱՀՊԱՆԻ

Լիբանանցի յայտնի երգահան Էլիաս Ռահպանիին հետ բաւական մօտէն ծանօթութիւն ունեցած եմ եւ անվարան կրնամ վկայել, որ հայասէր մըն է: Հայասէր է նաեւ իր տղան Ղասսան Ռահպանին, փաստ` լիբանանահայ համայնքին նուիրուած վերը յիշուած հիանալի երգին մէկ յանկերգը:

Վերջերս, երբ առիթով մը դարձեալ ունկնդրեցի լիբանանահայ համայնքին նուիրուած այս երգը, զգացի, որ պատգամ փոխանցող երգ մըն է: Պատգամ եւ յիշեցում` բոլոր անոնց, որոնք ինծի նման` ակամայ գաղթած են իրենց սիրելի ծննդավայրէն:

Յիշեցում մըն է, որ Ցեղասպանութենէ ազատած գաղթական հայերուն տունը դարձած էր Լիբանան, իսկ յաջորդող սերունդներուն` ծննդավայրը, որ դարձած է երկրորդ հայրենիք:

«Մեր կեանքն է հոս, մեր տունն է հոս,
Լիբանանն ենք նաեւ մենք»

Հայրենիք եւ ծննդավայր` հոմանիշ բառեր չեն:

Սփիւռքահայերուս համար մայր հայրենիքը, որքան ալ սիրելի, դժբախտաբար ծննդավայր չէ եղած:

Ակամայ եւ դժուարութեամբ հեռացայ ծննդավայրէս` Լիբանանէն: Ծննդավայր մը, որ եղած էր մեր երկրորդ հայրենիքը:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը շատ մեծ աւերներ գործեց, որոնցմէ մեծագոյնը` մեծ թիւով լիբանանահայերու անվերադարձ արտագաղթը:

Նուազեցաւ հայութեան թիւը: Փակուեցան կարգ մը հայկական վարժարաններ, սակայն հրաշք լիբանանահայութիւնը, թէեւ` նօսրացած, այսօր կը բարգաւաճի աւելի քան երբեք:

Երկրագունդի վրայ հանդիպա՞ծ էք երկրի մը, որ իր խորհրդարանին մէջ ունենայ հայ ներկայացուցիչներ, որքան` Լիբանանի խորհրդարանը:

Նախքան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը` Լիբանանի խորհրդարանին մէջ հայ երեսփոխաններուն թիւը հասած էր վեցի, առաւել, որքան որ կը յիշեմ, երկու նախարարներ:

Հիմնուելով լիբանանեան սահմանադրութեան վրայ,  այդ թիւը կ՛աւելնայ կամ կը նուազի` նայած համայնքներու թիւին:

Լիբանանահայութեան թիւը նուազեցաւ Լիբանանի մէջ, սակայն ոսկի առիթ մը տրուած է ինծի նման արտագաղթողներուն` մասնակցելու քուէարկութեան … մեր իսկ քաղաքէն, եւ այդ մէկը` շնորհիւ արհեստագիտութեան բարիքներուն, համացանցի միջոցով, որ ո՛չ ճիգ կը պահանջէ, ո՛չ ալ ժամանակի կը կարօտի: Ընդամէնը` հաւանաբար 10 վայրկեան, եւ այդպիսով, որպէս լիբանանցիներ, կը կատարենք մեր ազգային պարտականութիւնը:

Ճիշդ է: Հեռու ենք մեր ծննդավայրէն, սակայն հոն ունինք մեծ թիւով հայրենակիցներ, որոնք ի գին ամէն զոհողութեան մնացին, բարգաւաճեցուցին, մոխիրներու մէջէն վերածնունդ պարգեւեցին հայ գաղութին:

Veni, Vidi, Vici. Քանի մը տարի առաջ այցի գացած էի ծննդավայրս: Անհաւատալի իրականութիւն մը պարզուեցաւ աչքերուս առջեւ: Հայկականութիւն բուրող վայր մը,  որ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ հանդիպիլ սփիւռքի որեւէ երկրի կամ քաղաքի մէջ:

Իբրեւ հայկական համայնքի, ո՞վ պիտի պաշտպանէ մեր իրաւունքները, եթէ ոչ` լիբանանեան խորհրդարանի մեր հայ ներկայացուցիչները: Հայ երեսփոխաններն ու նախարարները, եւ այդ մէկը կարելի է կատարել փոքրիկ, շատ փոքրիկ զոհողութեամբ մը, որ զոհողութենէ աւելի` ազգային պարտականութիւն մը պէտք է համարել:

«Ինձմէ ետք` ջրհեղե՞ղ»: Մեծագոյն ամօթն է նման բան մը մտքէն իսկ անցընելը: «Մենք մեր մորթը ազատեցինք», «Կ՛ապրինք աշխարհի ամենապերճ երկրին մէջ»: Նման խօսքեր ցնորքներ են:

Քուէարկութեան թուականը մօտեցած է: Արդէն իսկ ամիսներ առաջ ինծի նման շատեր արձանագրուած են եւ պատրաստ քուէարկելու` որպէս տիպար լիբանանցի, նաեւ` որպէս տիպար հայ, որպէս տիպար լիբանանահայ:

***

Յիշողութիւնս զիս կը վերադարձնէ Լիբանան գտնուած տարիներուս կատարուած երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Քուէարկելու տարիքս չէր տակաւին, սակայն կամաւոր աշխատանքներ կը կատարէինք մեր շրջանի «Ազիրեան» ակումբին մէջ: Անուններու արձանագրութիւն:

Տօնական օրերու եռուզեռ մը կը տիրէր հայահոծ Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ: Ընտրական կեդրոններու տեղերը նշուած ինքնաշարժներու վրայ` քուէարկողները կը փոխադրէին շրջանէ շրջան:

Ընտրապայքարի օրերուն «Սարդարապատ» ակումբին մէջ կը հանդիպէինք փաղանգաւոր կուսակցապետ Փիեռ Ժեմայելին եւ իր երկու տղոց` Ամին եւ Պեշիր Ժեմայելները, իսկ մեր յաղթական արդիւնքները յայտնուելէ ետք, տօնախմբութիւն էր ամէնուրեք: Ինքնաշարժներու ճչակի ձայները կը լեցնէին Պուրճ Համուտի փողոցները:

Կոկորդնիս պատռելու աստիճան կը պոռայինք` «Տիգրան Թոսպաթ, Ժոզեֆ Չատեր, Տէր Գալուստեան, Պապիկեան»:

Այդ տարիներուն ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ցանկին մէջ կը գտնուէր Ժոզեֆ Չատեր` իբրեւ հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ, սակայն խորքին մէջ ան կը ներկայացնէր Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը: Փոխնախագահն էր այդ կուսակցութեան:

Ներկայիս ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր ցանկին մէջ ունի ՀԱՅ թեկնածու մը, որ կը ներկայացնէ հայ կաթողիկէ համայնքը եւ ոչ թէ օտար կուսակցութիւն մը:

Աւելի ուշ խորհրդարանի ցանկին մէջ ունեցանք յաւելեալ անուններ: Աճած էր լիբանանահայութեան թիւը:

Յիշելէ ետք այդ երանելի օրերը, կը վերադառնամ Լոս Անճելըս:

Ամերիկեան քաղաքացի եմ: Կեղծ խոստումներու հաւատք ընծայելով` կ՛ուղղուիմ քուէարկութեան կեդրոններէն մէկը, որ տունէս քանի մը քայլ անդին, թաղային հանրային վարժարաններէն մէկն է:

Մեռելատուն մը ըլլար կարծես: Ո՛չ մէկ շշուկ, մարդիկ լուռ ու մունջ, ամենայն հնազանդութեամբ եւ կարգապահութեամբ կ՛անցնին վարագոյրի ետին եւ կ՛արձանագրեն անուններ ու կը զետեղեն քուէատուփի մը մէջ: Անծանօթ անուններ: Կը փնտռեմ Հայ դատի կողմէ մեզի յանձնարարուած անունները: Թերահաւատութեամբ կը մասնակցիմ քուէարկութեան:

Երեկոյեան հեռատեսիլէն կը ստանանք արդիւնքները:

Ո՛չ ուրախութիւն եւ ո՛չ ալ տրտմութիւն:

Ամէն տարի ապրիլ 24-ի տօնակատարութիւններուն կը հանդիպինք օտար դիւանագէտներու, որոնք կու գան իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու հայ համայնքին: Մեծամասնութեամբ հրեաներ են եւ իրենց խօսքերուն մէջ, Ցեղասպանութենէն աւելի, կը յիշեն Հոլոքոստ բառը:

«Ամէն մարդ իր մարտիրոսը կու լայ»:

Ընտրութիւններու տարիներուն օտար դիւանագէտներու թիւը կը բազմապատկուի:

Խոստումնե՜ր… խոստումնե՜ր:

Նախագահական թեկնածուներ կը խոստանան ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն ընտրութենէ անմիջապէս ետք այդ խոստումները կը ցնդին օդին մէջ:

Խոստումնե՜ր… խոստումնե՜ր:

Պարագան բոլորովին տարբեր է Լիբանանի մէջ, ուր հայութիւնը իր խօսքը ունի եւ այդ մէկը` շնորհիւ մեր հայ ներկայացուցիչներուն:

«Վանայ Ձայն»-ին միջոցով գրեթէ ամէն օր կը հետեւիմ լիբանանեան հեռատեսիլի լուրերուն: Կը յիշեմ լիբանանցի քաղաքագէտի մը արտասանած ճառը:

«Լիբանանահայը կը վայելէ ԲՈԼՈՐ բարիքները եւ իրաւունքները տեղացի արաբներու նման»:

Ո՞ր երկրին մէջ կարելի է հանդիպիլ նման խօսքի, որ ինքնին արտասանուած խօսք մը չէ լոկ: Անժխտելի իրականութիւն մը:

 

«Մեր կեանքն է հոս, մեր տունն է հոս,

Մենք ծնած ենք ազատ եւ ըմբոստ,

Կը զոհուինք, որ դուն յաւերժ բարձրանաս,

Լիբանա՛ն, մեր արիւնն է քեզի ընծայ»

 

Լիբանանն ենք նաեւ մե՛նք:

 

 

Լոս Անճելըս, 2018

 

Հայաստան. Մայիս 1-էն Առաջ Եւ Ետք

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Վերջին մօտաւորապէս մէկ ամսուան ժամանակամիջոցին Հայաստան բեմ դարձաւ ժողովրդային եւ քաղաքական հազուադէպ իրադարձութիւններու, որոնք ափ ի բերան ձգեցին հայկական աշխարհը. Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին, մատնուեցանք հեւասպառութիւն պատճառող զարգացումներու, որոնք ժամէ ժամ նորութիւններ բեմ հանեցին: Մեզի հետ դէպքերուն հետեւող աշխարհն ալ զարմանք արձանագրեց` ի տես շա՜տ բաներու, ինչպէս` ժողովրդային պոռթկումի խաղաղ արտայայտութեանց, անկարելի կարծուող յեղափոխութեան, մասնաւորաբար երիտասարդներու մասնակցութեամբ ծաւալ ստացած շարժումի մը, որ յեղաշրջեց մեր հայրենիքին իրավիճակը` բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, ու տակաւին կը մնայ յղի` բարեշրջում խոստացող եղելութիւններով:

Նպատակ չունինք արձանագրելու ժամանակագրութիւնը այն դէպքերուն ու քայլերուն, որոնք վառեցին այս շարժումին պատրոյգը: Կը բաւէ միայն նշել, որ ժողովրդային խաղաղ ըմբոստութիւնը բեւեռուեցաւ «Ելք» դաշինքի անդամ եւ «Քաղաքացիական պայմանագրութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանին շուրջ, սկզբնապէս դրսեւորուեցաւ իբրեւ նախկին նախագահ, ապա, նոր դրութեամբ վարչապետ ընտրուած Սերժ Սարգսեանի դէմ ընդվզումի արտայայտութիւն: Ալիքին բարձրացման հետ, հետզհետէ բացայայտ դարձաւ, որ ուրուագծուող տագնապը, Փաշինեան-Սարգսեան անձնական հակադրութենէ աւելի, Հայաստանի քաղաքական-ընկերային առկայ դրութեան դէմ շարժում մըն է: Դէպքերու զարգացումը ստացաւ այնպիսի արագ թափ, որ ստեղծեց յարափոփոխ վիճակ` դուռը լայն բանալով տեղին ու անտեղի, արդար ու անհիմն մեկնաբանութիւններու. ստեղծուեցաւ վիճակ, երբ առաւօտուն ներկայացուած կեցուածք մը կամ մեկնաբանութիւն մը գլխիվայր շրջեցաւ քանի մը ժամ կամ օր մը ետք: Ալիքը որոշ գագաթնակէտի մը հասաւ ապրիլ 24-ի նախօրեակին, նախ` Փաշինեան-Սարգսեան կարճատեւ հանդիպումով, երբ օրուան վարչապետը մերժեց ընդառաջ երթալ մրցակիցին հրաժարական տալու պահանջին` յայտարարելով, որ անոր հետ բանակցելու գետին չի տեսներ, սակայն յաջորդ օրը ստիպուեցաւ յայտարարելու իր հրաժարականը եւ խոստովանելու, որ` «Փաշինեանը ճիշդ էր»: Սերժ Սարգսեանին հրաժարականը արդարօրէն ընկալուեցաւ իբրեւ ժողովուրդին արձանագրած առաջին մեծ յաղթանակը եւ նոր թափ տուաւ «թաւշային յեղափոխութեան»: Մինչեւ այսօր ալ այդ քայլին մասին կայ հակոտնեայ երկու մեկնաբանութիւն. մէկը կ՛ըսէ, որ Սարգսեան քաղաքական անձնասպանութիւն գործեց, իսկ երկրորդը կ՛ըսէ, որ ան քայլ մը ետ առած է ու վերջին խօսքը չէ ըսած, հակառակ անոր որ իրականութիւնը յստակ է: Յաջորդ գագաթնակէտները կազմեցին փոխվարչապետ Կարէն Կարապետեանը իբրեւ Սարգսեանի գործը շարունակող վարչապետ առաջադրման մերժումն ու նոր վարչապետի ընտրութեան համար 1 մայիսին խորհրդարանի նիստ մը գումարելու որոշումը, Փաշինեանը ներկայացաւ իբրեւ միակ թեկնածու:

Քանի մը օրուան մէջ Հայաստանի քաղաքական բեմին խճանկարը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ նախատեսել տալով վերիվայրումներ` նաեւ կուսակցական մակարդակներու վրայ. իշխանական Հանրապետական կուսակցութիւնը մնաց առանձին, Փաշինեանի թեկնածութեան յարեցան մնացեալ բոլոր ազդու` մեծ ու փոքր ուժերը: 1 մայիսի նիստին հանրապետական պլոքը, վստահելով ձայներու իր առաւելութեան, խափանեց Փաշինեանի վարչապետ ընտրութիւնը, իսկ միակ թեկնածուն` «ժողովուրդի թեկնածուն» անդրդուելի մնաց քայլ մը իսկ չնահանջելու իր որոշումին վրայ. «Գորդեան հանգոյց»-ը մատնուեցաւ անքակտելի վիճակի` դուռը լայն բանալով լուծումի նոր փորձերու առջեւ, յիշեցնելով յունական դիցաբանութեան մէջ ծանօթ «Փանտորայի տուփ»-ի պատմութիւնը. հոն` տուփին յատակը մնացած էր Յոյսը…

***

Յառաջիկայ օրերուն ու հաւանականութիւններուն մասին խօսելէ առաջ կ՛արժէ անդրադառնալ քանի մը իրականութիւններու, որոնք կը կազմեն համայնապատկերին ընդհանուր գիծերը, կը բացատրեն շարժումին շարժառիթները:

Երեւանի ու այլ քաղաքներու փողոցները ողողած ցոյցերը հիանալիօրէն ունէին խաղաղ բնոյթ, մինչեւ այսօր ալ կը պահպանեն այդ նկարագիրը. ոչ ոք նկատեց, որ իշխանաւորները չդիմեցին հակացոյցեր կազմակերպելու փորձութեան, ինչպէս յաճախ կը պատահի այլ երկիրներու մէջ ու դուռ կը բանայ արիւնահեղութեան, իսկ մանր միջադէպերը հետք ձգող ազդեցութիւն պիտի չունենան: Փաշինեանին հետեւորդները բացարձակ մեծամասնութեամբ երիտասարդներ են, համալսարանականներ, որոնք վերջին երկու սերունդներու դառնութիւններուն դիմաց փրկութեան լաստ մը կը սեպեն Փաշինեանը: Մայիս 1-ին ցուցարարներու առաջին շարքերուն երեւցան մեծ թիւով տարեցներ:

Փաստօրէն, թէ՛ 1 մայիսի նիստը եւ թէ՛ զայն կանխող հրապարակումները իրարու հակադիր ճակատներէն, սեւի վրայ ճերմակով (նաեւ տեսալսողական միջոցներով) հաստատեցին, որ Հայաստան ներքին ճակատներու վրայ մատնուած է տագնապալի վիճակի: Աղաղակող կերպով եւ առանց կաշկանդումներու վկայութիւններ տրուեցան տարիներէ ի վեր բոլորին ծանօթ այն իրականութեան մասին, որ իշխանաւորներն ու անոնց ետին կանգնողները ժողովուրդը մատնած են ընկերային դաժան վիճակի, տնտեսական բարելաւումի մասին հաւաստիքները բոլորովին չեն համապատասխաներ իրականութեան, հետեւանքներէն մէկը, ու` ամէնէն վնասաբերը,  զանգուածային արտագաղթն է դէպի ապրուստի աւելի լաւ պայմաններ խոստացող երկիրներ` մօտ ու հեռու, մասնաւորաբար` երիտասարդ եւ ուսեալ սերունդը կլանող, որովհետեւ Հայաստանի մէջ անոնց համար ապագան մատնուած է մթութեան:

Այս ալիքին վրայ նաւարկող Փաշինեանը յաջողութեամբ յառաջ տարաւ շարժումը` ինքզինք վերածելով դժգոհ զանգուածը մագնիսացնող բեւեռի մը եւ հակադիր բեւեռի դերը ձգելով իշխանաւորներուն, հիմնականին մէջ` Հանրապետական կուսակցութեան: Այլ կարեւոր կէտ մըն էր այն, որ «թաւշեայ յեղափոխութիւն» անունով ծաւալած շարժումը, կեդրոնանալով ներքին այս վիճակին վրայ, յայտնապէս ջուր չխմեց արտաքին ուժերէ, թէեւ իշխանութեան մօտիկ կանգնողներ ուղղակի եւ անուղղակի ակնարկութիւններ ըրին հաւանական արտաքին զօրակցութեանց` յատկապէս նշելով, որ նման շարժում մը նիւթական միջոցներու կը կարօտի… Տակաւին, յստակ դարձաւ, որ դեռ տարի մը առաջ, հրապարակային նոյն ոճով` բարձրախօսը ի ձեռն փողոցներու մէջ քուէ հայցող «Ելք»-ի այս ղեկավարը յաջողած է թափանցել ժողովրդային խաւերէ ներս, եւ այսօր Հայաստանի հրապարակները ողողող բազմութիւններ տարուած են անոր հմայքով, հոգ չէ թէ այս բոլորին մէջ տեսնուի զգացականութեան ու իտէալականութեան գերակայութիւն: Այլ կուսակցութիւններ մնացած են աւելի ձեռնածալ, ու բնականաբար հող կորսնցուցած են:

Մայիս 1-ի նիստի նախօրեակին Փաշինեանին հետ հանրապետականներու հրապարակային տեսակցութիւնը, որ կոչուած էր բանակցութիւն բանալու` ի խնդիր մեծ հարցականներու պատասխաններ որոնելու եւ համախոհութեան դուռը բանալու, ստացաւ մեղադրեալի մը հարցաքննութեան դատարանային նիստի մը ընթացքը: Հանրապետական ներկայացուցիչներ, մանաւանդ խորհրդարանի նախագահը ամավերջի քննութեան ներկայացող աշակերտ մը հարցաքննող ուսուցիչի կամ ամբաստանեալ մը մեղադրող փաստաբանի մը ոճով հարցումներու տարափ մը թափեցին Փաշինեանի գլխուն, որ պատասխանեց լաւ աշակերտի մը պէս, մինչդեռ աւելի քան շաբաթ մը առաջ Սարգսեանի հետ հանդիպումին եղած էր աւելի կտրուկ: Նման պատկեր ստեղծուեցաւ նաեւ վարչապետի ընտրութեան յատկացուած մայիս 1-ի նիստին, ուր կողմերը բացայայտ դարձուցին, որ առ նուազն չեն խօսիր նոյն լեզուով, կը մնան անհաշտ մեղադրողներ, մէկը վստահելով ժողովրդային լայն զօրակցութեան, միւսը` ձայներու առաւելութեան ու… արտախորհրդարանական իր լծակներուն: Հոս եւս մեկնաբանութիւններ ծայր տուին, թէ` հանրապետականները, իրենց նախագահին հետեւողութեամբ, քաղաքական անձնասպանութիւնը կը շարունակեն, կամ` չ՛անտեսուիր այն հաւանականութիւնը, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը մաշումի ենթարկուի, հակառակ միակամութեան անոր հաւաստիքին` դիմափոխութիւն ու վերանուանում ապրի. սա Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ աննախընթաց կամ օտար երեւոյթ չէ: Համայնավարութեան օրերէն ի վեր կարգ մը դէմքեր ծփացած են այս կամ այն լիճին վրայ, ուրիշներ մատնուած են անշքութեան, անցած են վարագոյրի ետին…

Որպէսզի չվազենք դէպքերէն արագ, նշենք, որ ստեղծուած է հակադարձութեան մը սպասումի վիճակ: Խորհրդարանի նիստին Փաշինեանը քննադատողներ անգամ մը եւս ուղղակի ու անուղղակի ակնարկութիւններ կատարեցին «երկրի անվտանգութիւնը խաղի դնելու» անոր ընթացքին մասին: Ի դէպ, բոլորն ալ կը խօսին` ժողովուրդին ու անոր շահերուն պաշտպանութեան անունով, խաղաղութեան ու ապահովութեան պահպանումին նախանձախնդրութեամբ, Արցախի ու Հայաստանի սահմանները ամուր պահելու կամքով, հարցերը սահմանադրական միջոցներով լուծելու տրամադրութեամբ, ընկերային-տնտեսական տագնապը դարմանելու խոստումներով: Կու գայ պահ մը, որ ժողովուրդին միտքին մէջ հարց կը ծագի, թէ ի վերջոյ ո՞վ է իր իրական պաշտպանը, իր անունով խօսողը. հարց չի տրուիր, թէ «ժողովուրդին պաշտպան» իշխանաւորները ինչո՞ւ տարիներէ ի վեր անտարբեր մնացած են աղաղակող դառնութեանց դիմաց ու այսօր յանկարծ դարձած են ժողովուրդի կարիքներուն ընդառաջողներ (ընդդիմադիրներ բոլորովին չեն դրժեր կարգ մը իրագործումներ, սակայն զանոնք արդարօրէն կը դիտեն իշխանութեան մը կողմէ նուազագոյն պարտականութիւնները կատարողի տեսանկիւնէն):

Այսօր, խորհրդարանի նիստէն ետք, տիրապետող հարցումը կը մնայ հետեւեալը. յառաջիկայ օրերու խորհրդակցութիւններն ու բանակցութիւնները պիտի յաջողի՞ն ելք մը գտնել թնճուկային վիճակէն: Նախագահ Արմէն Սարգսեանի այն ակնարկութիւնը, թէ հարցերը պէտք չէ փողոցներու մէջ լուծել, արդէն մնացած է անարձագանգ:

***

Ինչ որ արձանագրեցինք վերի սիւնակներուն մէջ, ընդհանուր գիծերն էին այն համայնապատկերին, որուն կը հետեւինք ժամը ժամուն, կամ հպանցիկ կերպով կը դիտենք – կը կարդանք հոս կամ հոն:

Յիշեալ զարգացումները, ինչպէս ըսինք, հեւասպառ վիճակի մատնած են թէ՛ ցուցարարները եւ թէ՛ զարգացումներուն հետեւողները` բոլոր ճակատներուն վրայ: Ըստ բաւականին, լայն քննարկում տեղի չ՛ունենար այն ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ շուրջ, որոնք ուրուագծուած են Փաշինեանի քաղաքական յայտարարութեանց ու անոր դիմաց իշխանաւորներուն տուած պատասխաններուն ու հակադարձութիւններուն մէջ:

Արձանագրենք անոնցմէ մէկ քանին:

Ի՛նչ որ ալ ըլլան յառաջիկայ օրերու զարգացումները, մինչեւ իսկ եթէ կարելի ըլլայ հասնիլ հոն, ուր, ըսենք` իբրեւ առժամեայ լուծում, համախոհութիւն գոյանայ Փաշինեանի վարչապետ ընտրութեան շուրջ, անկէ ետք` ի՞նչ: Այսինքն հանրապետականները պիտի ընդունի՞ն ձեռքէ հանել այն միջոցները, որոնք անոնց ու իրենց կողքին կանգնող «աներեւոյթ խաւ»-ին ապահոված են նիւթական եւ ուժային միջոցներ: Կարելի պիտի ըլլա՞յ երաշխաւորել խորհրդարանական այնպիսի ընտրութիւններ, որոնք ըլլան իշխանութեան ընդդիմադիրներուն պատկերացումին չափ արդար` ունենալու համար շատ աւելի ներկայացուցչական դիմագիծով Ազգային ժողով մը: Բացայայտ գաղտնիք է, որ որոշ խմբակ մը, արտաքին տնտեսական ուժերու եւ խմբաւորումներու հետ գործակցաբար, մենաշնորհներու վիճակ ստեղծած է երկրին մէջ: Յաջորդ կառավարութիւնը պիտի կրնա՞յ… պետականացնել տնտեսութեան այնպիսի միջոցներ ու հիմնարկներ, որոնք տասնամեակներէ ի վեր շահ կը հոսեցնեն փոքրամասնութեան մը գանձանակներուն մէջ` երբեմն փշրանքներ հասցնելով յիշեալ խաւին ապաւինող-յենարաններուն: (Պետականացում բառը հաւանաբար յօնքեր վեր պիտի հանէ. նման բաներ մոռցուած են ժամանակակից աշխարհին մէջ, չեն համապատասխաներ տնտեսական արդի դրութեան, սխալ կիրարկումներ մաշեցուցած են անոր օգտակարութիւնը):

Ասկէ կը ծագի այլ հարց մը. ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ Հայաստանի մէջ փոքրամասնութիւն մը «աշխատանքի ճամբաներով» կրնայ հարստութեան ու բարօրութեան հասնիլ, մինչդեռ զանգուածը կը տուայտի աղքատութեան սահմաններուն մէջ ու կը ստիպուի արտագաղթել: Յեղաշրջումը յառաջ տանելու եւ նոր յաջողութեան հասցնելու պարագային, ո՞վ հաշիւ պիտի պահանջէ պաշտօն չարաշահողներէն, հարստութիւն կուտակող եւ երկրէն դուրս փախցնողներէն (դեռ քանի մը ամիս առաջ խոստովանութիւն մը հրապարակուեցաւ, որ «օֆշորային» գործառնութիւնները պիտի զսպուին, յաջորդ օրերուն ու շաբաթներուն ոչինչ ըսուեցաւ կիրարկումին մասին): Յետոյ, ինչո՞ւ հայկական դրամագլուխն ու ներդրումները պիտի չըլլան գերակշռողը, այլ առաւելաբար պիտի դիմուի արտաքին ներդրումներու ընտրանքին, անոնք ալ ներկայացուին իբրեւ մե՜ծ իրագործումներ, մինչդեռ ամէնէն պարզ տրամաբանութիւնն իսկ կը յուշէ, որ տեղ մը ներդրում ընող օտարականը` անհատ կամ ընկերութիւն-շահակցական հիմնադրամ, այդ քայլին կը դիմէ ՇԱՀ ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ նպատակով, եւ ո՛չ թէ տուեալ երկրին ժողովուրդին սեւ աչքերուն համար, ու շահ կ՛ապահովէ` արտահոսքի մատնելով երկրին եկամուտի կարելիութիւնները, փշրանքներ ձգելով գիւղն ու սահմանային շրջանները զարգացնելու ծրագիրներուն:

Նոր ընտրութիւններու պատրաստուելու փուլը կերտելու համար սահմանադրական փոփոխութիւններու, նախագահականէ խորհրդարանական անցած ըլլալու վիճակը արդեօք դուռ պիտի բանա՞յ խօսքի նոր աճուրդի. փաստօրէն, նոր դրութեամբ իշխանութեան ձեւաւորման հազիւ սկսած` արդէն իսկ կը խօսուի այս դրութեան «ահաւոր թերութիւններուն» ու «կիսանախագահական դրութիւն» որդեգրելու կամ այլ ընտրանքներու մասին: Կարծէք թէ օրէնքն ու սահմանադրութիւնը ըլլային բուն յանցաւորը, զայն սխալ կիրարկողը, չարաշահողը ըլլար անպարտ: (Նոյնը չէ՞ պարագան կրօններուն, որոնց անունով ոճիրներ կը գործուին, որովհետեւ կը կատարուի սխալ կիրարկում…):

Խօսինք աւելի պարզ բառերով. այսօրուան հարցականներն ու տագնապները նորութիւն չեն,  անոնց մասին տարիներէ ի վեր բարձրաձայն հնչած են ահազանգեր, վերջինը` իշխանական նոր դրութեան որդեգրման օրերուն, շեշտելով, որ խոստումները կրնան բարի եւ յուսատու ըլլալ, սակայն աւելի կարեւորը տագնապին արմատներուն սրբագրումն է: Անտեսումը, մասնակի շահերու հետամտութիւնը, փտածութեան խորացումը եւ իսկական բարեփոխութեան ուշացումը ճամբայ բացին այժմու պոռթկումին:

***

Վերադառնալով անմիջականին` այսօրուան ու վաղուան. հարց է, թէ փակ դուռերը ինչպէ՞ս կարելի է բանալ հակադիր ու անզիջող ճակատներուն միջեւ: Պատասխանը պարզ է, թէեւ կիրարկումը կրնայ դժուար թուիլ:

Հայաստան միակ երկիրը չէ, որ մատնուած է սահմանադրական կամ քաղաքական տագնապներու: Անցեալ տասնամեակներուն մէկէ աւելի երկիրներու մէջ (օրինակ` 80-ականներու Ֆրանսան) մատնուած են այնպիսի վիճակներու, ուր անհաշտ հակառակորդները, ոխերիմ մրցակիցները քով-քովի եկած են ու կազմած` միացեալ կառավարութիւն, զայն կոչած են համակեցութիւն` քոապիթասիոն: Կարելի է որոնել ու գտնել լուծման այլ ճամբաներ:

Ահաւասիկ` քանի մը հիմնական հարցեր, որոնք պատասխանի կը սպասեն երկրին ու ժողովուրդին բարւոքում, բարելաւում խոստացողներէն: Այս պատասխաններէն մեծապէս կախեալ են տնտեսական վերականգնումը, արտագաղթի կասեցումն ու մարդկային հոսանքին շրջումը, որպէսզի Հայաստանի բնակչութեան թիւը 4 կամ աւելի միլիոնի հասցնելու համար հարկադրուած չըլլանք սպասել տասնամեակներ:

***

Մատնանշումներուն ցանկը կարելի է երկարել եւ ժամ առ ժամ նորութիւններ գտնել` դէպքերու զարգացման համընթաց արագութեամբ: Կուսակցական ուղեգիծէ շեղումները, խորհրդարանական խմբաւորումներէ հրաժարումներն ու հեռացումները նախանշանները կու տան այլ փոփոխութիւններու, ընդհանուր խճանկարի վերագծումին, որոնք եթէ սեպենք իբրեւ բնական հետեւանքներ ստեղծուած աննախընթաց վիճակին, միւս կողմէ` բոլորիս ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն անմիջականի օղակին սահմաններուն մէջ: Մինչդեռ, այս բոլորէն անդին, կայ այլ կարեւոր հարցական մը, որ առաջին ակնարկով կրնայ ընկալուիլ իբրեւ վերացական մօտեցում, այս օրերուն լաւ չհնչող փիլիսոփայութիւն:

Բացատրենք մտաբերելով հայ միտքի տիտաններէն Լեւոն Շանթի «Շղթայուածը» թատերակին մէջ արծարծուած կացութիւններ: Շանթ ընթերցողը տարած է հազար տարի ետ, հասցուցած է Անի, ուր կայ օտար բռնատէր մը. հայ իշխան մը թարգմանը ըլլալով ժողովուրդին ազատատենչութեան ու ընդվզումին` կը ծառանայ օտար բռնատէրին դէմ ու զայն կը հեռացնէ երկրէն, սակայն շուտով անոր մէջ կը վերայայտնուի բռնատէրը` զայրոյթ եւ ըմբոստութեան տրամադրութիւն տարածելով ժողովուրդին մէջ: «Զգացական» պատգամաբեր տիպար մը կը դառնայ քարոզիչը Մասիսի վիհերուն մէջ դարերէ ի վեր շղթայուած Արտաւազդին` հաւաստելով, որ ան պիտի գայ քանդելու ստրկութեան շղթաները եւ ազատագրելու ժողովուրդը, սակայն նաեւ կը քարոզէ, որ ամէն բանէ առաջ պէտք է սեփական հոգիներէն վանել Բռնատէրը: Այս պատգամը արձագանգ կը գտնէ հայ իշխանին բռնատիրութեան դէմ ծառացող մէկէ աւելի դասակարգերու մէջ, որոնք յաջորդաբար ձեռք կ՛առնեն իշխանութիւնը, նախ կը հեռացնեն բռնատէր դարձած հայ իշխանը, ապա կը չէզոքացնեն զիրար, որովհետեւ իրենց մէջ գլուխ կը բարձրացնէ Բռնատէրը: Ի վերջոյ, հայ իշխանը օտարներու օգնութեամբ կը վերահաստատէ ինքզինք: Արտաւազդին սպասումը կը մնայ սպասում…

Իրական կեանքը սոսկական թատրոն կամ գրականութիւն չէ, սակայն թատրոնն ու գրականութիւնը ներշնչում կ՛առնեն իրական կեանքէն: Շանթի այս գործը կը ցոլացնէ յոռետես մթնոլորտ. Շանթ նաեւ ծանօթ է իբրեւ մտաւորական մը, որուն մէջ միտքի տիրապետութիւնը կը գերակշռէ զգացումը: Հայաստանի այսօրուան վիճակն ալ կը պահանջէ, որ միտքը զգալի դարձնէ ինքզինք` առանց հրաժարելու ազնիւ զգացումներէ: Միտքը, որ վերանկախացումէն ասդին մեծ նահանջ արձանագրած է մեր հայրենիքին մէջ (Հայաստան բացառութիւն չէ, թէեւ ցոյց տուաւ, որ կրնայ զատորոշուիլ եւ չկրկնել «Արաբական գարուն»-ը կամ Ուքրանիոյ նախընթացը…)` ասպարէզը ազատ ձգելով «պիզնես»-ի հետամուտ դրօշակիրներուն առջեւ:

Ու զարմանալի՞ է, որ վերջին շաբաթներու շարժումին մէջ կայ մեծ բացակայ մը` մտաւորականութիւնը, որմէ կը սպասուի վերականգնել իր դերը, այնպէս` ինչպէս եղաւ 60-ականներուն, Ցեղասպանութկեան 50-ամեակին, կամ արցախեան շարժումի օրերուն: (Միշտ ալ կարելի է առարկել, որ կացութիւնները նոյնը չեն, պէտք չէ նման բաղդատութիւններ ընել):

1 մայիս 2018

 

Գիրքը` Հայաստանի, Սփիւռքի Գրադարանի Մը Եւ Աղբի Դէզի Եռանկիւնին Մէջ

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Վեց տարիներ առաջ սփիւռքի տեւող ոգեկանութեան արտակարգ դէմքերէն մին հրաժեշտ տուաւ կեանքին:

Մտաւորական մը, որուն սենեակներ գրաւող գրադարանը շարունակեց յիշեցնել իր անցքը:

Արիս Սեւակի շնչառութիւնը պահած գիրքերը կը վկայէին, որ հայկական կացութեան բացասականութեան դէմ պայքարած էր ան` մերժելով նահանջ եւ պարտութիւն:

Հայերէն գիրքը, հին եւ նոր, վերջին մոհիկաններուն սիրոյ տուրքն է, որ կը տրուի արմատներուն: Իր աննշան տպաքանակով ան կարծէք լոյս կը տեսնէ մեր մեղսակցութեամբ գաղտնի մնալու համար:

Կարգախօս կրկնողներ, աղմկարարներ եւ պիզնեսով ազգի փրկութեան համար ճամբայ ինկածներ հայերէն գիրքը, բախտաւոր պարագային, կը համարեն թանգարանային իր:

Հետեւանքը` տան հայերէն գիրքով գրադարաններ, երբեմն ալ` միութենական, կը դատապարտուին «հեռացման», ինչպէս կ՛ըսեն վիրաբուժական միջամտութեան մը պարագային: Գրադարանները աւելորդ բեռ կը համարուին, տեղ կը գրաւեն:

Հայերէն գիրքը ընթերցող չունենալով` անօգուտ իր է:

Հայերէն գիրք չկարդացողը ի՞նչ բանի շարունակութիւն է:

Հայերէն գիրքերու դէզեր երբեմն գտնուած են մայթին վրայ` սպասելով աղբահաւաքի անցքը:

Միութենական կեդրոններու գրադարաններու ապակեփեղկերը չեն բացուիր: Զարդարանք են:

Սրտցաւ մտաւորական մը, Նիւ Եորքի մէջ, խօսելով միութենական գրադարանի մը մասին, դիպուկ խօսք ըսաւ, որ ան «հայերէն գիրքի գերեզման է», ուր գիրքերը կը ղրկուին, աղբահաւաքի յանձնելու խղճահարութենէն զերծ մնալու համար:

Երբեմն ալ անհատական կամ միութենական գրադարաններ նուէր կը ղրկուին Հայաստան: Մխիթարութիւն: Պարտութեան մը խոստովանութիւնը, ողջմտութեան գիտակցութիւն, գիտնալով, որ հայ կեանքը Հայաստանի մէջ պիտի շարունակուի:

Մամուլը անդրադարձաւ միութեան մը գրադարանին Հայաստան առաքման:

Հայը, այսօրուան երէցներ եւ նորեր, որոնք հասակ կ՛առնեն մոլորակի հեռու եւ մօտ անկիւնները, ինչպէ՞ս ինքնութիւն պիտի պահեն: Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) այս գոյութենական (existential) հարցումին պատասխանելու ճիգ չենք ըներ:

Արիս Սեւակի մահուան առիթով, տիպարը բնորոշելով, ըսած էի` «Ծագումով հայու հակափաստը»: Սովորութիւն է ըսել «ամերիկածին»: Արիս Սեւակ, ամերիկեան միջավայրի մէջ, ամերիկեան ուսում ստանալով հանդերձ, ոչ միայն ինքնութիւն պահած էր, այլ` յանձնառութեամբ ծառայած հայ մշակոյթին: Ինքնատիպ ներդրում. ան հայոց գրականութիւնը եւ պատմութիւնը թարգմանութիւններու ճամբով ծանօթացուց օտար շրջանակներու` ափսոսալով, որ մայրենի հայերէնէ հեռացածներ կային:

Արիս Սեւակ ապրեցաւ իր գիրքերու աշխարհին մէջ, հայերէն եւ հայութեան վերաբերող գիրքեր: Գրադարան` հայերէն եւ անգլերէն հատորներ, բառարաններ, համայնագիտարաններ, որոնց հետ` կեանք մը նուիրում: Արիս Սեւակ չեղաւ տխրեցնող «ծագումով հայ», մարդատեսակ մը, որ կ՛աճի սպառողական ընկերութեան մէջ, ուր որ ան կայք հաստատէ:

Ուրիշներու գիրքերը թարգմանելը փառք չ՛ապահովեր, ապերախտ, բայց միաժամանակ` օգտակար գործ: Բեմի լոյսերը հեղինակին համար են, ոչ թարգմանողին, մինչդեռ երկրորդը ինքզինք կը տրամադրէ տկարացածները ոտքի պահելու ճիգին:

Վարչականներ եւ ղեկավարներ աւելի դիւրին կը փոխարինուին, քան մեր իրականութեան մէջ հայերէնի քաջատեղեակները եւ միաժամանակ օտար լեզուի տիրապետելով, նուիրուիլ թարգմանչական որակաւոր աշխատանքի նուիրուողները:

Վեց տարիներ անցած են, բայց Արիս Սեւակը յիշողները եւ բարեկամները կը զգան իր բացակայութիւնը: Անսեթեւեթ հայ էր, երբ կրնար «ծագումով հայ» դառնալ եւ յաջողութիւններու հասնիլ: Ամերիկեան հալոցին (melting pot) դիմացած էր: Օրինակելի: Բայց այլեւս չենք յիշեր օրինակելիները եւ չենք զբաղիր անոնցմով:

Արիս Սեւակի մահէն ետք, ամէն անգամ որ գտնուած եմ խիտ անտառի նմանող իր գրադարանին մէջ, կարծէք գիրքերը կը խօսէին իրենց որբութեան մասին: Բարեբախտաբար այդ գիրքերը չբռնեցին միութեան մը «գերեզման գրադարանի պահարաններու ճամբան»: Անոնք յանձնուեցան Ամերիկայի ամէնէն ուշագրաւ եւ յուսատու կազմակերպութիւններէն մէկուն` Լոս Անճելըսի ԼԱՐՔ երաժշտական ընկերակցութեան, որ հայ որակաւոր արուեստի եւ մշակոյթի ապրումի եւ վերապրումի առաքելութիւն տուած է ինքնիրեն:

«ԿԵԴՐՈՆ» դառնալու իր ազնիւ փառասիրութիւնը քայլ առ քայլ հետապնդելով` ԼԱՐՔ-ը ինքզինք արդէն օժտած է թանգարանով, անաղմուկ կը փորձէ «հայագիտական» մարզէն ներս ալ ինքզինք իրականացնել: Արիս Սեւակի գրադարանի գիրքերը, թերթերու հաւաքածոները, վաւերաթուղթերը իջեւանած են ԼԱՐՔ-ի մօտ:

Հիմա պէտք է յուսալ, որ ԼԱՐՔ-ի շուրջ հաւաքուած նորերը, այսինքն` վաղուան շարունակութիւն ըլլալու կոչուած սերունդը, հոգեկան իրենց սնունդը կը ստանան այդ գրադարանէն:

Հայերէն գիրքերը կը փրկուին անպէտք իր դառնալու եւ տխուր «գերեզման»-ի ճակատագրէն եւ կ՛ըլլան ներդրում, որպէսզի սերունդը չըլլայ սոսկ «ծագումով հայ», ինչպէս որ չեղաւ այդ գիրքերու մտերմութեան մէջ ապրած եւ անոնց հետ զրուցած Արիս Սեւակը:

Գրադարան մը գիրքեր, թերթեր, բառարաններ: Անոնք «Պերմուտայի եռանկիւն»-ին մէջ ծովամոյն չեղան: Անոնք կ՛ուզեն ապրիլ եւ ապրեցնել:

Հայու հպարտութեան վերականգնումին համար` աւանդ:

Հայերէն գիրքի ընթերցումը, տարածումը եւ պաշտպանութիւնը ազգային իրաւ քաղաքականութեան օղակներ են` առանց խժալուր աղմուկի:

Այս մտմտուքը ազնիւ քննադատութիւն է` առաջքը առնելու համար «ծագումով հայ» դառնալու անվերադարձ նահանջին:

22 ապրիլ 2018, Նուազի-լը-Կրան

 

 

ՀՅԴ-ի Ակումբներուն Մէջ Աշխատանքները Կը Շարունակուին

$
0
0

Կիրակի, 6 մայիսը ճակատագրական պիտի ըլլայ լիբանանեան կեանքին մէջ ընդհանրապէս, ինչպէս նաեւ` լիբանանահայութեան համար, որ խիտ շարքերով մասնակցելով այս ընտրութիւններուն` առիթ պիտի տայ ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած հայ թեկնածուներուն` խորհրդարանին մէջ հայկական ներկայացուցչութիւնը աւելի լայն շրջագիծով ապահովելու:

Ինչպէս սովորութիւն է, ՀՅԴ-ի ակումբներուն մէջ արդէն իսկ աշխատանքներ կը տարուին` լիբանանահայութեան անհրաժեշտ օժանդակութիւնը ցուցաբերելու եւ անհրաժեշտ խորհուրդը տալու նպատակով: Բոլոր շրջաններու ՀՅԴ-ի ակումբները վերածուած են մեղուաբոյնի, ուր ամէն երեկոյ համախումբ կը գործեն շրջաններու կոմիտէները, այս նպատակով յառաջացած յանձնախումբերը, միութենականներ եւ համակիրներ:

Ստորեւ լուսանկարներով կը ներկայացնենք տարբեր ակումբներու մէջ տարուած աշխատանքները:

ՀՅԴ «Է. Ակնունի»

ՀՅԴ «Քրիստափոր» («Տիգրան Ծամհուր»)

ՀՅԴ «Ռոստոմ»

ՀՅԴ «Ռոստոմ»

ՀՅԴ «Ռոստոմ»

«Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահ

«Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահ

Ընտրական Քրոնիկ. Լսեցինք, «Չհաւատացինք», Լուսաբանութեան Կարիք Ունինք

$
0
0

ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Անցնող շաբաթներուն, երեսփոխանական ընտրութիւններու քարոզարշաւի շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, բազմաբնոյթ հաւաքներու պատգամախօսները եւ մամուլին մէջ լոյս տեսած բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակները յատուկ կերպով շեշտեցին լիբանանահայութեան հաւաքական կամքի արտայայտութեան կարեւորութիւնը եւ հայկական կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները ընտրելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի առնելով, որ անհատ թեկնածուները չեն կրնար ներկայացնել հաւաքականութիւնը, եւ կուսակցութիւններն են, որոնք ընկերութեան պատասխանատուութիւնը վերցուցած են: Փաստը անցնող տասնամեակներու բազմաճիւղ եւ բազմատեսակ աշխատանքներն են: Փաստը` ընդհանրապէս անհատ թեկնածուներու` ընկերութեան հետ որեւէ ձեւով առնչուած չըլլալն է: Փաստը` ընդհանրապէս անհատ թեկնածուներու լիբանանեան քաղաքական ուժերու կապուածութիւնը եւ երբեմն ալ պատկանելիութիւնն է:

Անդին, վերջին ամիսներուն ամէնուրեք կը տեսնենք կուսակցութիւններուն դերակատարութիւնը նուաստացնելու փորձեր, որոնք էապէս կը միտին նոյնինքն հաւաքականութիւնները տկարացնել, մասնատել, ինչպէս նաեւ ջլատել հաւաքական կամքը: Պէտք չէ ուրանալ եւ մոռնալ, որ անցնող տասնեակ տարիներուն, լիբանանահայութիւնը առաջնորդած են երեք կուսակցութիւնները, որոնք խաղաղ եւ պատերազմի պայմաններուն մէջ նեցուկ կանգնած են ժողովուրդին ու իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դրած յանուն հաւաքականութեան:

Տակաւի՛ն, երեք կուսակցութիւններն ալ իրողապէս ունին ընկերութեան միասնակամութիւնը պահպանելու գրաւականը եւ ազգային հիմնախնդիրներու շուրջ համախոհութեան մօտեցումը, ինչ որ առաւել եւս կ՛ամրապնդէ իրենց առաքելութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ, յանկարծ զարմանքով ականջալուր կ՛ըլլանք, որ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւնը որոշած է Մեթնի մէջ քուէարկել ի նպաստ Միշել Մըրրին, իսկ Պէյրութի մէջ` դրամատան տէր Անթուան Սահնաուիի կողմէ առաջադրուած թեկնածու Ժան Թալուզեանին: Արդեօք ասիկա միութեա՞ն որոշումն է, թէ՞ նոյնինքն կարգ մը անհատներու ճիգերով արտայայտուած կեցուածք է: Այնուամենայնիւ, երեւոյթը բազմաթիւ հարցադրումներու շարժառիթ կը հանդիսանայ: Եթէ այդպէս է, այսօր ինչո՞ւ ՀԲԸՄ-ը կ՛ուզէ տեղ մը ոչ հայ թեկնածուի մը քուէարկել, այլ տեղ անհատի մը քուէարկել, երբ նշեալ ցանկերուն մէջ հայկական կուսակցութիւնները ունին թեկնածուներ: Արդեօք այստեղ ապագայի խոստումնե՞ր փոխանցուած են: Հարցադրումներ, որոնց չենք ուզեր հաւատալ, եւ որոնց պատասխանները ՀԲԸՄ վստահաբար ունի:

 

 

 


Ընտրական Քրոնիկ. Ինքնութեան Հաստատման Օրը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

6 մայիսը այն օրն է, երբ լիբանանահայութիւնը, այլ լիբանանցիներուն նման պիտի ընտրէ երկրին խորհրդարանին մէջ իր ներկայացուցիչները: Քուէարկութեան կեդրոնին մէջ վարագոյրին ետին անցնող իւրաքանչիւր հայ մարդ ինքզինք պիտի գտնէ ճշմարտութեան պահուն դէմ յանդիման, եւ իր քուէով պիտի պատասխանէ միանգամայն 3 հարցումներու` ո՞վ եմ ես, ո՞վ ենք մենք եւ ո՞վ իրապէս կրնայ ու պիտի պաշտպանէ մեր շահերը:

Լիբանանահայութեան կաթիլ առ կաթիլ հաւաքուող եւ քուէատուփերը ողողող քուէարկութեան պատկերը նաեւ արտացոլացումը պիտի ըլլայ մեր հաւաքական ինքնութեան, որ իրականութեան մէջ ազգային է եւ ոչ թէ համայնքային: Այո՛, հայ երեսփոխանը պէտք է ըլլայ իր յարանուանութեան հարազատ ներկայացուցիչը: Սակայն այդ հրամայականին կողքին նաեւ ունի անդրյարանուանական կարգավիճակ մը, որովհետեւ հիմնականին մէջ ներկայացուցիչն է ազգի մը, եւ իբրեւ այդպիսին, անոր առաքելութիւնը խիստ կը տարբերի այլ համայնքներու երեսփոխաններուն առաքելութենէն: Մինչ վերջիններս յաճախ միայն մարոնի, տիւրզի, սիւննի կամ շիի են, լիբանանահայ երեսփոխանը, ինչպէս ոեւէ լիբանանահայ, հաւասարապէս հայ ու լիբանանցի է, եւ կը գործէ նկատի ունենալով իր համայնքին ու մայրիներու երկրին գերագոյն շահերը` վկայ Լիբանանի խորհրդարանի պատմութիւնը:

6 մայիսին լիբանանահայութիւնը կոչուած է տէր կանգնելու իր եւ Լիբանանի շահերուն, որովհետեւ ազատ կամք ունի եւ կը գիտակցի, որ ինքն ու երկիրը կարիքը ունին Հայկական երեսփոխանական պլոքին եւ անոր դերակատարութեան: Նաեւ կը գիտակցի, թէ այդ պլոքի անդամներուն թիւի աճը պիտի զօրացնէ անոր աւանդական դրական ազդեցութիւնը: Ահա այդ պլոքին անկախութիւնն ու ազդեցութեան աճն է, որ կը մտահոգէ Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան համար այլ ծրագիրներ ունեցող կողմերը:

Ազգային ինքնութեան պաշտպանութեան վահանին` ՀՅԴ-ի դէմ ծաւալած ներկայ արշաւին նպատակը խորքին մէջ լիբանանահայութիւնը իր ազգային ու մարդկային արժանիքներէն պարպելով անկենդան թիւի վերածելն է: Այդ ծրագիրին յաջողութեան հետեւանքները լիբանանահութեան կողքին ծանր պիտի ըլլան նաեւ սփիւռքեան այլ գաղութներու համար` նկատի ունենալով, որ լիբանանահայութիւնը իրաւամբ սփիւռքահայութեան սիրտն ու կեանքի աւիշն է:

Միւս կողմէ, իւրաքանչիւր լիբանանահայու քուէն պիտի ըլլայ պատկերը անոր էութեան, կամքին ու վարկին: Ան իր քուէով պիտի բացայայտէ ու հաստատէ սկզբունքի տէր, դժուարութիւններու դիմաց չընկրկող, ողջամիտ, հեռատես ու գիտակից մարդ ըլլալը: Արդարեւ, ընտրակաշառքին փորձութեան դիմաց ընկրկողը նախ եւ առաջ կը կորսնցնէ իր մարդկային դիմագիծը, որովհետեւ ինքնաբերաբար ինքզինք կը վերածէ աժան առեւտուրի առարկայի մը:

6 մայիսը լիբանանահայութեան ու հայ մարդուն քննութեան օրն է, իսկ անոր մէջ յաջողութեան արժեչափը իրողութեան մէջ քուէն է եւ ոչ թէ ընտրութիւններուն արդիւնքը: Մինչ երկուքն ալ կարեւոր են, առաջինին իմաստը խորքային է եւ հետեւանքը կամ արդիւնքը երկարատեւ, իսկ երկրորդին իմաստը ձեւական է եւ ազդեցութիւնը` ժամանակաւոր: Իրողութիւն մը, որ կու գայ ընդգծելու կամայականութենէ զուրկ եւ ճիշդ կողմնորոշման հիմամբ քուէարկելու կարեւորութիւնը:

 

 

Խմբագրական «Գանձասար»-ի –Ապրիլ Դ. –Չթերագնահատել Ժողովրդային Ներուժը

$
0
0

Հայաստանի մէջ ծայր առած ժողովրդային շարժումին դրական զարգացումը առաջին յանդուգն քայլն էր Հայաստանի պետական համակարգը արմատական, ոստումնային բարեփոխման առաջնորդելու համար:

Տարիներ շարունակ զանազան կողմերէ հնչող այս էական փոփոխութիւններուն կարեւորութիւնը խօսքի սահմաններուն մէջ ընկղմիլ սկսած էր: Ժողովուրդը, բայց մանաւանդ` Հայաստանի երիտասարդութիւնը, այս բոլորը խօսքէն գործի, շարժումի, կտրուկ պահանջի վերածեց` շրջանցելով տատամսումի, կասկածի առաջնորդող ամէն տեսակէտ:

Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութիւնը քաղաքական նոր մշակոյթ ձեւաւորելու առաջին ոստումը կատարեց անվախօրէն: Մեր պայծառ երիտասարդները, ուսանողները, խոհեմ ոստիկանները, բժիշկներն ու ժողովուրդի բոլոր խաւերը ներկայացնող տարրերը իրենց զսպուածութեամբ համայն աշխարհին ցոյց տուին, որ յեղափոխութիւնը անպայման արտաքին լծակներուն ծառայել կամ երկիրը ապակայունացնել չի նշանակեր: Անոնք ժողովրդավարութեան նոր էջ բացին մեր երկրէն ներս:

Վերջին տարիներուն զանազան երկիրներու մէջ ծայր առած ժողովրդային շարժումները տարբեր լծակներու զոհը դառնալով` բարեյաջող աւարտ չունեցան, ցաւօք, ու մասամբ նսեմացուցին խաղաղ ցոյցերու, ժողովրդային շարժումներու բիւրեղ պատկերը: Հիմնական պատճառը այդ ժողովուրդներուն գիտակցական մակարդակին, պայծառատեսութեան, զսպուածութեան եւ  վճռակամութեան բացակայութիւնն էր, բայց մանաւանդ` քաղաքական վերնախաւերու կողմէ հարցերը ոխակալ մօտեցումով լուծելու քաղաքական անխոհեմութիւնը, որուն պատճառով ալ ոչ միայն ապարդիւն դարձան շարք մը երկիրներու մէջ ծնունդ առած շարժումներ, այլեւ արտաքին ուժերու բացարձակ ազդեցութեան տակ տապալեցան:

Հայրենի մեր երիտասարդութիւնը համայն աշխարհին օրինակ դարձաւ ու շրջեց ժողովուրդին ներուժը անտեսող ու ժողովրդավարութիւնը արհամարհող բոլոր տեսակէտները: Ան, բացառապէս խաղաղ, նպատակային շարժումով, մեր երկրէն ներս քաղաքական մշակոյթի նոր որակ ձեւաւորեց ու քաղաքական բոլոր կողմերուն պարտադրեց բարեփոխումներու ոստումնային քայլերու դիմել` վերջ տալու անարդարութեան ու անսալու հասարակութեան պահանջներուն:

ՀՅԴ-ն միշտ ալ զօրավիգ կանգնած է ժողովրդային այն շարժումներուն, որոնք կը միտին ապահովել հայրենի մեր ժողովուրդին բարօրութիւնը, քաղաքացիին իրաւունքներուն պահպանումը: Այս շարժումը, սակայն, առաջին քայլն է, իսկ անոր վերջնական յաղթանակը պայմանաւորուած է երկրի մէջ համակարգային լուրջ փոփոխութիւններու ձեռնարկումով, յառաջացած հարցերուն լուծման առաջնորդող քայլերով, խորհրդարանական արդար ընտրութիւններով:

Սոսկ անձերու փոփոխութեամբ համակարգը չի փոխուիր, ոչ ալ արմատական բարեկարգումներ տեղի կ՛ունենան: Անհրաժեշտ է, որ քաղաքական բոլոր ուժերը, մէկ կողմ դնելով իրենց տարակարծութիւնները, հաւաքական պատասխանատուութեամբ մօտենան այս շարժումին, համախոհութիւն ձեւաւորեն, օգնեն, ներդրում բերեն Հայաստանի ժողովրդային այս զարթօնքին` սահմանադրութեան եւ օրէնքներու հիման վրայ երկխօսութեամբ, բանակցութիւններով արմատական փոփոխութիւններու ուղղուելու եւ երիտասարդութեան յոյսը, պայքարը, ձգտումները կեանքի կոչելու համար:

Պահը լուրջ է եւ` քաղաքական հեռատեսութիւն թելադրող:

Ժողովրդային այս շարժումէն տեսանելի բարիք պէտք է ծնի վերջապէս, որպէսզի երիտասարդութիւնը չհիասթափուի: Անցեալի էջը փակուած է: Նոր պայմաններու լոյսին տակ նոր ու արդար մօտեցումով գործելու հրամայականն է տիրողը:

«Գ.»

Մեր Հաւաքական Շահերը` Ամէն Բանէ Վեր

$
0
0

ՄԱՐՏԻԿ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Վերջին շաբաթներուն կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի կ՛ունենան Հայաստանի մէջ: Բազմահազար հայեր, մանաւանդ` երիտասարդներ, քաղաքացիական անհնազանդութեամբ եւ քաղաքակիրթ պահուածքով իրենց դժգոհութիւնը եւ ընդվզումը կը յայտնեն ի տես վերջին տասնամեակներուն աստիճանաբար աճող` երկրի քաղաքական եւ տնտեսական համակարգին յաւելեալ վատթարացման դէմ, որուն վերջնագոյն դրսեւորումը եղաւ Սերժ Սարգսեանի վերարտադրումը: Նախագահական համակարգին անցումը` աւելի ժողովրդավար խորհրդարանական վարչաձեւին: Ճարպիկօրէն, սահմանադրական ձեւաւորումով չափուած ու ձեւուած` իր չափին, զինք դարձնելով վարչապետ, որուն ձեռքերուն մէջ պահուած են երկրին իրողական ղեկավարի բոլոր իրաւասութիւնները:

Այո՛, այս անցումով Սերժ Սարգսեանը կրկին պիտի դառնար երկրի իրողական գերագոյն ղեկավարը` իր ձեռքին պահած բոլոր իրաւասութիւնները:

Պարզ ըսած, խորհրդարանական մեծամասնութիւնը, հետը ունենալով անքակտելի դաշնակիցներ, վարչապետի սահմանադրական իրաւասութիւններ, ձեւական եւ սահմանափակ հնարաւորութիւններով հանրապետութեան նախագահ, կողքին ունենալով լայն կարելիութիւններով օժտուած տնտեսական սակաւապետութիւն եւ ուժային համակարգ, մէկ խօսքով, ամբողջական եւ բոլոր պայմանները ամբողջացնող «ուշիմ» դերաբաշխումով յագեցած իշխանախումբ մը: Երկար դիմանալու եւ գոյատեւելու բոլոր տուեալները պարփակող, անշուշտ` առանց մոռնալու երկրին քաղաքական կուսակցութիւնները, որոնք գրեթէ ազդեցութեանը տակն են այս համակարգին, որոշ բացառութիւններով, որոնք այլապէս ալ այլընտրանքային ոչ մէկ հնարաւորութիւն պիտի ձգէին Հայաստանի քաղաքացիին վիճակի բարելաւման եւ աստիճանական բարեփոխման:

Այսօր Հայաստան ապրող քաղաքացիին եւ նոր սփիւռք դարձած հայաստանցիին համար ոչ մէկ փոփոխութիւն ու բարելաւում ստեղծելու միջոց մնացած էր: Հայաստանի իշխող համակարգը բեմադրական մեծ վարպետութեամբ կրցած էր Հայաստան եւ անկէ դուրս ապրող հայուն հոգիին ու մտքին մէջ արմատացնել այն գաղափարը, որ ոչ մէկ փոփոխութիւն հնարաւոր է: Ենթարկուելէ եւ զայն ընդունելէ զատ` այլընտրանքային ոչ մէկ հնարաւորութիւն ձգելով ժողովուրդին:

Այո՛, ժողովուրդին ներկայացուցած բոլոր փաստարկները նոյնն են: «Հին» ու «նոր» կարգախօսներ եւ «տրամաբանութեան» եզրերը նոյնն են, պատմութիւնը վկայ: Քաղաքական սոփեստութեան բազմաթիւ օրինակներ առկայ եղած են ու տակաւին կը յամենան, ինչպէս, օրինակ, քաղաքական «շիկացումէ խուսափում» «առճակատումի» խուսափում, «ապահովական գերխնդիր» եւ մանաւանդ` Արցախի հարցի գծով զգուշաւորութիւն: Անշուշտ մեր մեծ դրացիին ուժեղ ներկայութիւնը եւ անոր առնչակցութիւնը եւ կողմնորոշումը այս հարցին ու կողմին նկատմամբ:

Տակաւին կան աւելի պարզունակ ու միամիտ եւ յաւակնոտ ու մանկապատանեկան աստիճանի հասնող դրսեւորումներ, որոնք հոս ու հոն կը յանկերգուին ամէնուրեք:

Քանի մը ցցուն օրինակներ. ուշադի՛ր, մենք ունինք «քաղաքական ու ապահովական գերխնդիրներ», «զգո՛ւշ, հայու մը քիթը պէտք չէ արիւնի», «մենք բաներ գիտենք, որ դուք չէք գիտեր», «խօսիլը դիւրին է, գործը` դժուար» եւ այլն: Ահաւասիկ` տրամաբանութեան այն շարքը, որ իշխող համակարգը եւ իր կողմնակիցները միշտ ալ ներկայացուցած են ժողովուրդին:

Մեր մէջ կը գտնուի մարդոց տեսակ մը, որ հոս ու հոն այս զգուշաւորութեան տրամաբանութիւնը իր մենաշնորհը կը նկատէ:

Բազմահարիւր հազարաւոր մարդոց եւ երիտասարդութեան այս ճշմարտութիւններուն ծանօթ ըլլալը կը բացառուի: Ո՞վ ձեզի իրաւունք տուած է այս երիտասարդութիւնը այնքան միամիտ եւ արկածախնդիր կարծելու: Այսօր Հայաստանի մէջ փողոց իջած երիտասարդութիւնն ու ժողովուրդը եւ անոնց զօրակցող տարրերը քաջ գիտեն ձեր այսպէս կոչուած «փաստարկումները»: Ո՛չ, սիրելի՛ համակարգ եւ կողմնակիցներ. ժողովուրդները միշտ ալ կը հասնին այն աստիճանին, երբ գիտեն պոռթկալ ու դէմ դնելով` չընդունիլ կատարուած իրողութիւնները:

Ժողովուրդները ունին իրենց իմաստուն բնազդները, որուն թելադրանքով կը կողմնորոշուին: Միշտ ալ ժողովուրդին մէջ կը գտնուին խիզախներ, որոնք տուեալ պահուն կ՛առաջնորդեն ժողովուրդը:

Նայեցէ՛ք պատմութեան, նայեցէ՛ք հայ ազատագրական տարիներու գաղափարական սերունդին, որոնք անվարան անցան ազատագրական շարժումներու գլուխը եւ առաջնորդեցին ժողովուրդը:

Մեր ազատագրական պայքարի ժամանակաշրջանին աւելի դժուար էին պայմանները, բայց այդ օրուան մեր ազատագրական պայքարի հաւատացողներ գիտակից կռուի մէջ մտան: Ռուսական եւ օսմանեան կայսրութիւններու դէմ կռուեցան: Զոհուեցան, բանտարկուեցան, ամբողջ կեանք մը ապրեցան կռիւով ու տառապանքով: Գործեցին երբեմն ճիշդ, երբեմն սխալ, բայց ձեռնածալ չմնացին: Կռիւը անհնար նկատելով ի տես իրեն դէմ ցցուող ահարկու ուժերուն` պայքարի դաշտ նետուիլը մէկու մը մենաշնորհը չէ: Այս իմաստով ողջունելի են փողոց իջնող ժողովուրդն ու երիտասարդութիւնը: Այո՛, կարելի է միայն ապրիք ըսել:

Սխալներ կրնան գործուիլ եւ միշտ ալ գործուած են, կարելի է սրբագրել: Ով չէ սխալած եւ այն ալ բազմաթիւ սխալներ: Ո՞վ չէ սխալած, նոյնիսկ` ճակատագրական  նշանակութիւն ունեցող սխալներ: Վերջապէս կը հաւատանք, որ մեր մէջ կը գտնուին քաղաքական իմաստութիւն ունեցող հայրենասէրներ, տարրեր, որոնք կրնան այս շարժումը նուազագոյն վնասներով ճիշդ հունի մէջ դնել: Իմաստութիւնը ունեցող մարդիկ մեր ժողովուրդին մէջ չեն պակսիր, քաղաքական ու ռազմավարական ճիշդ կողմնորոշում ու հունաւորում թելադրող մարդիկ, որոնք կրնան լաւագոյնը ընել` այս շարժումը բարիքի վերածելու:

Այս շարժումը ամէն գնով թերգնահատելն է վատը, համակերպումն է վատը, եթէ ես չեմ ընողը, ուրեմն «լաւը չէ»-ի տրամաբանութիւնն է վատը:

Այս շարժումը ամէն գնով օտար ուժերու թելադրանքը նկատելն է վատը:

Մեր ժողովուրդի առողջ տարրերը, կ՛ենթադրեմ, լաւագոյնս կ՛ըմբռնեն, թէ ո՛ւր կը սկսի մեր ժողովուրդին ու ազգին գերագոյն շահերն ու հնարաւորութիւնները եւ ուր կը վերջանան:

 

Մայիս Մէկը Հայաստանի Մէջ. Համակարգային (Յեղա)փոփոխութիւնը Եւ Աշխատանքի (Մոռցուած) Դատը

$
0
0

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Անցած տարուան ընթացքին համաշխարհային մակարդակով ստեղծուած հարստութեան 82 տոկոսին տէր դարձած է աշխարհի ամենահարուստ բնակչութեան մէկ տոկոսը, մինչ մարդկութեան ամենաաղքատ հատուածի 50 տոկոսին եկամուտը զերօ յաւելում արձանագրած է: Աշխարհի ամենահարուստ 61 անձերու ունեցած հարստութիւնը համահաւասար է մարդկութեան այս ամենաաղքատ հատուածի կէսին ունեցած ամբողջ հարստութեան: Երկու հարիւր պիլիոն տոլար կը հաշուուի այն գումարը, որ աշխարհի ամենահարուստ մէկ տոկոսը խուսափած է վճարել որպէս հարկային պատասխանատուութիւն եւ յաճախ դրամը փախցուցած է դէպի «հարկային դրախտներ»-ու դրամատուներ:

Անգլիական Օքսֆամ կազմակերպութեան այս նորագոյն տեղեկագիրին մէջ տեղ գտած այս թիւերը նորութիւն չեն: Համաշխարհային մակարդակով հարստութեան անհաւասարութեան զարգացման մանրամասնութիւններուն կարելի է մօտէն ծանօթանալ նաեւ World Inequality Report 1918 տեղեկագրին մէջ եւ համանուն կազմակերպութեան կայքէջին վրայ տեսնել տարածաշրջաններու եւ առանձին երկիրներու պարզած պատկերը:

Հարստութեան անհաւասար բաժանումը` ընկերային անարդարութեան ենթահողը, ինքզինք հաստատած պատմական գործընթաց մըն է, որ վերջին տարիներուն պայթունավտանգային մակարդակի հասած է, ինչպէս կը զգուշացնեն Միջազգային դրամական ֆոնտը, Համաշխարհային դրամատունը եւ դրամատիրական համակարգի կայունութեան վերահսկող այլ հաստատութիւններ: «Դրամագլուխը 21-րդ դարուն»  անկիւնադարձային գիրքի հեղինակ Թոմաս Փիքեթթիի վերջին ուսումնասիրութիւնը («Brahmin Left vs Merchant Right: Rising Inequality and the Changing Structure of Conflict»), որ կարելի է ձեռքբերել World Inequality Database կայքէջէն, հաւասարութեան եւ ներքաղաքական տագնապի միջեւ պատճառական կապը կը բացայայտէ` լուսարձակի տակ առնելով ամենազարգացած երկիրներու կացութիւնը` Ֆրանսա, Միացեալ Թագաւորութիւն եւ Միացեալ Նահանգներ:

Առանց հարստութեան այսքան ծայրայեղօրէն անհաւասար բաժանման ստեղծած բեւեռացման գիտակցութեան համակարգային որեւէ փոփոխութիւն, որքան ալ որ բարեացակամ ու անկեղծօրէն տրամադրուած ըլլայ, չի կրնար երաշխաւորել որեւէ կայուն զարգացում:

Առարկայական տուեալներու վրայ հիմնուած ուսումնասիրութիւններէ թելադրուած այս հաստատումը համազօր չէ հարստութեան հաւասար բաժանման յաւակնութիւնը ունեցած տնտեսական քաղաքականութեան բնորդներու ջատագովումին, ինչպէս կարծրատիպային ժամանակավրէպ մտայնութիւն մը պիտի փութայ եզրակացնել:

Խորհրդային պատմական փորձի ձախողութիւնը եկաւ ցոյց տալու, որ սեփականազրկումը եւ Մարքս/Լենինեան այդ եզրայանգումին հետեւումով յղացուած տնտեսութեան պետական ծրագրաւորումը անպայմանօրէն ընկերային արդարութեան երաշխիք չեն կրնար ըլլալ: Հարստութեան արդար ու հաւասար բաժանումը չի կրնար իրականանալ միակուսակցական ամբողջատիրական կարգերու առկայութեան: Խորհրդային պատմական փորձառութիւնը անկասկած որ յաջողութիւններ արձանագրեց տնտեսութեան եւ հասարակութեան արդիականացման իր նախաձեռնութեանց մէջ: Բայց փաստ է, որ առնուազն 1980-ական թուականներէն սկսեալ խորհրդային բնորդը ոչ միայն չյաջողեցաւ հարստութեան ստեղծման մէջ զարգացած երկիրներուն հետ քայլ պահել, այլ ընդհակառակը, վտանգաւոր լճացման իրավիճակի մէջ յայտնուեցաւ: Կը մնայ, որ դրամատիրական համակարգի ներքին հակասութիւններու եւ հարստութեան հետզհետէ աւելի անհաւասար բաժանման պատճառով յառաջանալիք հասարակական բեւեռացման մասին մարքսեան եւ ընդհանրապէս ձախակողմեան մտածողութիւնը աւելի քան ճիշդ են 21-րդ դարու այս սկիզբին:

Բոլոր քաղաքական ուժերը, որոնք պատմականօրէն դերակատար եղած են զարգացած երկիրներու մէջ հասարակութեան կենսամակարդակի կայուն յառաջընթացի ապահովման, բայց 1990-ականներու կէսերէն ի վեր անտեսած են հարստութեան անհաւասար բաժանման հետզհետէ սրող գործընթացը եւ դասեր չեն քաղած իրերայաջորդ միջազգային տագնապներէն` 1994, 1997, 2001, 2008, սուղ գին վճարեցին: Թոնի Պլէյրներու օրինակով ազատ-շուկայականութեան հետ այնքան նոյնանալու իր անխոհեմութեան պատճառով եւրոպական ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը, որ յառաջապահ ուժը եղած էր քաղաքական համակարգերու ժողովրդավարացման եւ հարստութեան աւելի արդար բաժանման երաշխաւոր դարձած բարեխնամ պետութիւններու յառաջացման, շատ երկիրներու մէջ արդէն իսկ դադրած է իշխանութեան այլընտրանք եւ կեդրոն-աջի գլխաւոր մրցակիցը ըլլալէ:

Հարստութեան վերաբաշխումի անհաւասարութիւնը արտադրող համակարգը, որուն շարժիչն է 1980-ականներուն պետական թէ հասարակական ամէն վերահսկողութենէ ձերբազատելու ձգտած դրամագլուխի համաշխարհային շրջագայումը, նիւթական թէ բարոյական ամէն արժէք հեղուկացնող ուժը, ինչպէս մարքսեան դարձուածքով կրնայ բնութագրուիլ, չէզոքացուց նոյնիսկ վերջին քսանամեակին ընկերային արդարութեան յանձնառութեան ամենայուսադրիչ պատմական շարժումը: Խօսքը Հարաւային Ամերիկայի մէջ ծնունդ առած «թեքում դէպի ձախ» երեւոյթին եւ անոր անփառունակ մարումին մասին է: Պրազիլի եւ Արժանթինի մէջ ոչ միայն իշխանութեան վերադարձած են կեդրոն-աջ ուժերը, յաճախ` քուէներովը անոնց, որոնք դարասկիզբին կեդրոն-ձախ ուժերուն տուին ընկերային արդարութեան ի խնդիր յանդուգն քայլերու դիմելու ինքնավստահութիւն, այլ մեծ ժողովրդականութիւն վայելած քաղաքական դէմքեր դէմ յանդիման կը գտնուին փտածութեան լուրջ ամբաստանութիւններու եւ` աւելի: 21-րդ դարու ընկերվարութիւն կերտելու անկեղծ յանձնառութիւն ունեցող Չաւեսի մը յաջորդած իշխանութիւնը Վենեզուելան վերածած է մղձաւանջային երկրի մը… Թէ Լուլան արգելափակած պրազիլեան արդարադատական համակարգը այնքան ալ անկախ չէ աջ-պահպանողական ուժերու ազդեցութենէն, ինչպէս որ կը փորձուի ներկայացնել միջազգային հանրային կարծիքին մօտ, լրջօրէն նկատառելի իրողութիւն է: Բայց նոյնքան ճիշդ է, որ իշխանութեան վրայ գտնուող Աշխատաւորական կուսակցութիւնը կամայ թէ ակամայ մասնակից դարձաւ ամբողջ ցամաքամասի մակարդակով գործող փտածութեան համակարգին:

Դէմ յանդիման ձախակողմեան ուժերու հարստութեան անհաւասար բաժանումի սրման դէմ պայքարելու այս անկարողութեան` ծայրայեղ աջակողմեան ուժեր եւ իշխանութեան կեդրոնացումը ընդհուպ մինչեւ նոր-ամբողջատիրականութիւն հասցնելու իրենց ախորժակները բնաւ չթաքցնող վտանգաւոր արկածախնդիրներ տէր դարձան հասարակական դժգոհութեան եւ ցասումի դրամագլուխին: Անոնց ընտրական յաջողութիւնները ընկերային արդարութեան եւ հարստութեան հաւասար բաժանման գրաւական չեն բնաւ: Ընդհակառակը, իրենց հակահամակարգային ամբոխավարութիւնը ոչ միայն ուղի կը հարթէ ամէն տեսակի խտրականութեան թոյլատու իշխանութիւններ օրինականացնելու, այլ սպառնալիք է համաշխարհային բարօրութեան, կայունութեան եւ թերեւս նոյնիսկ` խաղաղութեան: Բայց բարացուցական է հարստութեան անհաւասարութեան զոհ զանգուածներու մէջ կուտակուող ցասումին` գործազուրկ դարձողներէն մինչեւ փողոցները մնացածներ, աշխատանքային ծանր եւ անկայուն պայմաններու ստիպուած համաձայնողներէն մինչեւ ընկերային ապահովութեան նուազագոյն երաշխիքը չունեցողներ եւ, ընդհանրապէս, իր կենսամակարդակի բարելաւման ու ընկերային վերելքային տեղաշարժի ամէն յոյս կորսնցուցած նորահաս երիտասարդութիւն:

Համակարգային իրական փոփոխութիւնը ընկերային արդարութեան հաստատումն է, որ առանց հարստութեան անհաւասար բաժանումի սրման դէմ պայքարին` կը մնայ բարի կամեցողութիւն կամ բովանդակութենէ զուրկ, թէկուզ եւ` անկեղծ ճարտասանութիւն:

Այս մայիս մէկին աշխատանքի դատի պաշտպանութիւնը աւելի քան երբեք կ՛իմաստաւորուի շահագործող ցեցերու մէկ տոկոսին շահերուն ծառայող հարստութեան անհաւասար բաժանումի դէմ պայքարով: Ի՛նչ ալ ըլլան փողոցներն ու հրապարակները ողողած աշխատաւորներու եւ անոնց պահանջներուն ականջալուր քաղաքական ուժերուն օրակարգային խնդիրները, էականը կը մնայ հարստութեան անհաւասար բաժանման համակարգի փոփոխութիւնը:

Համակարգային փոփոխութեան պահանջով Երեւանի եւ Հայաստանի այլ քաղաքներուն փողոցները այս մայիս մէկին ողողուեցան բողոքող զանգուածով: Ի՛նչ ալ ըլլայ Ազգային ժողովին մէջ քաղաքական գործընթացին արդիւնքը, փողոց ելած հարիւր հազարաւոր երիտասարդները այս անգամ վճռական էին իրենց յեղափոխութիւնը, թէկուզ եւ` «թաւշեայ», իր աւարտին հասցնելու եւ չապրելու անցած փորձերու հիասթափութիւնը:

Քուէարկութեամբ իշխանութեան հասած, բայց ժողովրդային լայն զանգուածի վստահութիւնը չվայելող վարչակարգերու երեւոյթը նոր չէ Հայաստանի մէջ: Ընդհակառակը, մաս կը կազմէ անկախութեան յաջորդած պետականութեան եւ ընկերատնտեսական համակարգի կառուցման եւ ամրակայման փորձերու հոլովոյթին:

Առաջինը 1996-ին էր, երբ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վերընտրութիւնը հարցականի տակ դրուեցաւ ժողովրդային լայնածաւալ ցոյցերով, որոնք օրին բռնի ուժով ճնշուեցան: Օրուան Հայոց համազգային շարժումին իշխանութիւնը երկու տարի առաջ արդէն նախաձեռնած էր իշխանութեան կեդրոնացման, երբ կասեցուցած էր ընդդիմադիր գլխաւոր ուժին` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գործունէութիւնը եւ` բանտարկած անոր հայաստանեան ղեկավարութեան առաջնորդ դէմքերը: Այդ մէկը անհրաժեշտ էր ՀՀՇ-ին` սահմանադրութիւնը անցընելու, բայց մանաւանդ տնտեսութեան արագընթաց ազատականացման համար` ի շահ երկրին մէջ կազմաւորուող դրամատէր վերնախաւին, որ պիտի ամրագրուէր որպէս մենաշնորհային սակաւապետութիւն: Այդ բոլորը ենթադրաբար եղան օրէնքի ուժով եւ օրէնքի անունով. բայց ատով հանդերձ, օրուան իշխանութիւնները չյաջողեցան ամրապնդել իրենց օրինականութիւնը: Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վերընտրութիւնը պիտի երաշխաւորէր ՀՀՇ-ական իշխանութեան համակարգը, բայց այդ մէկը տեղի չունեցաւ: Հայաստանի առաջին նախագահի իշխանութենէն հեռացումը հետեւանք էր քաղաքական հատուածի ճնշումներուն, նորակազմ սակաւապետ խաւին մէջ իրեն հանդէպ վստահութեան կորուստին եւ, ինչպէս հետագային յայտնի դարձաւ, յաջորդ տասնամեակին քաղաքական դաշտէն հեռանալու դիմաց` աւելի քան հանգիստ կենսամակարդակի երաշխիքը տուող թոշակի մը: Լեւոն Տէր Պետրոսեան պատուով հեռացաւ իշխանութենէն, երկրին խնայեց ապակայունացումը, միաժամանակ, սակայն, ձգելով քաղաքական կարեւոր ժառանգ մը` ներազգային եւ արտաքին ոլորտներուն մէջ: Առաջինը, եւ ամենակարեւորը, մենաշնորհեալ սակաւապետներու խաւի մը ամրագրումն է, որ Ռոպերթ Քոչարեանի օրով, շնորհիւ մանաւանդ 2003-2008 տնտեսական աճին, վերածուեցաւ համակարգի:

Համակարգին դէմ ժողովրդային երկրորդ բողոքի ալիքը 2004-ին էր: Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ մէջ իրենց յաջող աւարտին հասած «գունաւոր յեղափոխութիւններ»-ու անդրադարձը յստակ էր, որքան ալ որ անոնց ետին կանգնած արեւմտեան ֆինանսական յատկացումներն ու մասնագէտներու մասնակցութիւնը բացակայէր Հայաստանի պարագային: Այլ խօսքով, կար ժողովրդային դժգոհութեան ալիք մը, որ շատ հաւանաբար հետեւանք էր մէկ տարի առաջ կազմուած համաձայնական կառավարութեան պատճառով խորհրդարանական ընդդիմութեան չէզոքացման: Բողոքի խաղաղ ցոյցերը, սակայն, արդիւնքի չհասան: Իշխանութիւնը բռնի միջամտելու ռիսքը առաւ այն վստահութեամբ, որ ընդդիմադիր քաղաքական ոչ մէկ ուժ եւ ոչ մէկ ղեկավար պիտի յաջողէր շարժումի վերածել ժողովրդային բողոքի ալիքը: Այդպէս ալ եղաւ: Ի զուր անցան օրին հրապարակ ելած ընդդիմադիր ղեկավարներու նախաձեռնութիւնները, ընդհուպ` մինչեւ միջազգային մայրաքաղաքներ ճամբորդութիւն: Բողոքի այս ալիքին յաջորդեց առաջին հիասթափութիւնը: Ի մասնաւորի, երբ դէպքերէն համերաշխութեան բոլոր նախաձեռնութիւնները համակարգի թէկուզ եւ փոքր, բայց նշմարելի բարեփոխման չյանգեցան:

1998-2008, ինչպէս ըսուեցաւ` տնտեսական աճի օժանդակութեամբ, ամրապնդուեցաւ սակաւապետական համակարգ մը, որ մէկ կողմէ «համախոհական» ժողովրդավարութեան բնորդով չէզոքացուցած էր խորհրդարանական ընդդիմութիւնը եւ, միւս կողմէ, ի դէմս` Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան, գտած կը թուէր ըլլալ իր յարատեւման եւ վերարտադրման քաղաքական ուժը: Կը թուէր, որ ՀՀԿ-ի թեկնածու Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան հասնիլը, ժողովրդավարութեան խաղի օրէնքներու ձեւականութիւնը յարգելով, դիւրին գործընթաց մը պիտի ըլլար: Բայց Լեւոն Տէր Պետրոսեանին կրկին հրապարակ գալը եւ փետրուարին տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքը մերժելով` իր հետեւորդներու զանգուածը ապստամբութեան առաջնորդելը իրավիճակը բարդացուցին: Հայաստանի մէջ արիւն հոսեցաւ, լայնածաւալ հալածանք սկսաւ ընդդիմադիրներուն դէմ, եւ նորընտիր նախագահը իշխանութիւնը ստանձնեց ներքին թէ արտաքին շատ դժուար պայմաններու մէջ: Յաջորդ ամիսներուն, եւ` ի գին փրոթոգոլներու վտանգաւոր «պլըֆ»-ին, Սերժ Սարգսեան յաջողեցաւ ներքին թէ արտաքին լարուածութիւնը նուազեցնել, թերեւս` մինչեւ իսկ չէզոքացնել եւ համակարգը պահպանել, թէկուզ եւ սակաւապետներէն ոմանք, անոնք, որոնք իրենց գրաւը Լեւոն Տէր Պետրոսեանին վրայ դրած էին, կարգի հրաւիրելով… Ի վերջոյ Ռուսիոյ մէջ Փութին այդ ձեւով յաջողած էր ամրապնդել իր իշխանութիւնը… Հետեւաբար, երբ առաջին անգամ իր իշխանութեան հասնելէն տասնամեակ մը ետք Սերժ Սարգսեան «Մարտ մէկ»-ի մասին նշեց Նիկոլ Փաշինեանին հետ իր հանդիպման ժամանակ, իր պատկերացումով այդ ուրուականը ժողովրդային շարժման գլուխը անցած ընդդիմադիր պատգամաւորին պէտք էր յուշէր, որ զգուշ ըլլայ առնելիք քայլէն, որովհետեւ ի վերջոյ պիտի պարտուի: Անշուշտ սխալեցաւ, որովհետեւ «Մարտ մէկ»-ի ուրուականը ոչ միայն վախ չէր պատճառեր, այլ, ընդհակառակը, աւելի վճռական պիտի դարձնէր բողոքի ժողովրդային ալիքին մասնակիցները: Արդարեւ, անցնող տասնամեակին սակաւապետական համակարգի ինքնավերարտադրման գործընթացը սրած էր նաեւ ընկերային ու քաղաքական բեւեռացումը` երկրի հարստութեան տէր դարձած մէկ տոկոսին եւ իր կենսամակարդակի բարելաւման յոյսը հետզհետէ աւելի կորսնցնող ժողովուրդի իննսունինը տոկոսին միջեւ: Իշխանութիւնը պարզապէս չէր կրցած հասկնալ, որ այս բեւեռացումը նաեւ ցասումի կուտակում է, իշխանաւորներու օրինականութեան մերժում, թէկուզ եւ անոնք ընտրուած ըլլան սահմանադրական կարգով: Հակառակ արտագաղթի երեւոյթին` աղքատութեան մակարդակի լրջութիւնը, հարստութեան անհաւասար բաժանումը եւ, մանաւանդ, անոր պատճառով ժողովուրդին մէջ աճող դժգոհութիւնը անտեսուած էին պետական վիճակագրութիւններուն եւ ուսումնասիրութիւններուն մէջ:

Սերժ Սարգսեան յաւելեալ պատճառներ ալ ունէր ինքնավստահ ըլլալու, որ «Մարտ մէկ»-ի ուրուականը միայն իր ընդդիմադիրին սարսափ պիտի պատճառէ: 2013-ի փետրուարին իր վերընտրութիւնը կրկին հարցականի տակ դրած ժողովրդային զօրաշարժին հետեւանքը մեծ հիասթափութիւն եղաւ, որովհետեւ օրին անոր գլուխը անցած իր մրցակիցը` Րաֆֆի Յովհաննիսեան, այնքան վստահ էր, որ ինքն էր ընտրեալ նախագահը, որ չկրցաւ կամ չուզեց ժողովրդային զօրաշարժի դրամագլուխը համակարգային փոփոխութիւններու ծառայող ազդակի վերածել: Իշխանութիւնները յաջողեցան չէզոքացնել ժողովուրդի ընկերային եւ տնտեսական իրավիճակին հետ ուղղակի առնչակից այլ բողոքի զօրաշարժեր եւս, ինչպիսին էր պարագան Էլեկտրիկ Երեւանին, ինչ որ աւելցուց իրենց ինքնավստահութիւնը` գրաւ դնելու ժողովուրդին հետեւողական հիասթափութեանց եւ ստեղծուած իրավիճակներուն յարմարելու պարտադրանքին վրայ: Մինչ այդ, սակայն, 2016-ի քառօրեայ պատերազմը եկաւ ցոյց տալու իշխանութիւններուն լուրջ բացթողումները, համակարգին մէջ փտածութիւնը: «Սասնայ ծռեր»-ու վտանգաւոր արկածախնդրութիւնը, որ առանձնակի պատահար մը չեղաւ, ահազանգ պէտք էր ըլլար ժողովուրդին մէջ կուտակուած դժգոհութեան վտանգաւոր պոռթկումներու կարողականութեան:

Սահմանադրական գործընթացի ընդհատումը ժողովրդային զօրաշարժով վտանգաւոր է: Կրնայ առաջնորդել այն համոզումին, որ փողոցի ճնշումը միշտ ալ ինքզինք կրնայ պարտադրել, ինչ որ երկիրը անպայմանօրէն անկայունութեան կ՛առաջնորդէ: Բայց ժողովրդային զօրաշարժի այս ծաւալը ինքնին բարացուցական է ժողովրդային քուէով ընտրուած, բայց ժողովրդային օրինականութիւն չվայելող իշխանութիւններու: Այս մէկը հակասական կրնայ թուիլ, բայց որեւէ ձեւով մեծամասնական քուէներ ունենալով հանդերձ, ժողովրդային վստահութիւն չվայելող իշխանութիւններու հանգամանքը փաստացի իրողութիւն է: Այդ մէկը լաւ հասկցաւ Սերժ Սարգսեանը եւ պատիւ բերող քայլ մը առաւ հրաժարելով: Սխալ է այս հրաժարականին երեւոյթը բաղդատել հանրապետութեան առաջին նախագահի հրաժարականին հետ: Առաջինին պարագային հրաժարականը արդիւնք էր վերնախաւի ճնշում-բանակցութիւններուն, եւ Տէր Պետրոսեան իր խօսքին մէջ երբեք չընդունեց սխալած ըլլալ: Ոչ ալ ընդդիմադիր մը ունէր, որուն կը դիմէր: Մեղադրեց «պատերազմի կողմնակիցներ»-ուն` ի տարբերութիւն իրեն, որ խաղաղութիւն կ՛ուզէր: Լեւոն Տէր Պետրոսեան իր հրաժարականը կապեց արցախեան հարցին: Սարգսեան իրաւունք տուաւ Փաշինեանին եւ ժողովուրդին, ընդունեց իր սխալած ըլլալը: Ցարդ, նախկին խորհրդային տարածքին վրայ, ժողովրդային ճնշումի տակ հրաժարական տուած եւ երկրէն փախուստ չտուած միայն մէկ ղեկավար կար` Էտուարտ Շեւարտնածէ:

Ժողովրդային զօրաշարժն ու անոր գլուխը անցած Նիկոլ Փաշինեանը իրաւամբ կրնան Սերժ Սարգսեանին հրաժարականը նկատել «թաւշեայ յեղափոխութեան» արդիւնք: Իրողութիւնը նաեւ Հայաստանի միջազգային վարկին համար ալ մեծ դրամագլուխ կրնայ ըլլալ: Ի մասնաւորի եթէ նկատի ունենանք, որ մինչ Հայաստանի մէջ ժողովրդային շարժումը յանգեցաւ սահմանադրականօրէն ընտրուած ղեկավարի հրաժարականին, որ իր կարգին կու գայ ցոյց տալու իր գիտակից խոնարհումը ժողովուրդի կամքին առջեւ եւ երկրի կայունութեան ու շահի գերադասումը իր անձնական շահէն, դրացի Ազրպէյճանի մէջ ալիեւեան գերդաստանական համակարգը ինքզինք վերարտադրեց, եւ այս անգամ` ոչ իսկ օտար դիտորդները համոզելով:

Ապրիլի կէսերէն սկսած քաղաքական այս վերիվայրումները եկան նաեւ լուսարձակի տակ առնելու Ազգային ժողովի տեղն ու կարեւորութիւնը` պետական հաստատութիւններու եւ սահմանադրական կարգի պահպանման իմաստով: Թէ բոլոր բանակցութիւնները տեղի ունեցան խորհրդարանին մէջ եւ պատգամաւորները իրենք եղան դերակատարները երկիրը ճգնաժամէն դուրս բերելու ճիգին, ինքնին փաստացի իրողութիւն չէ՞ արդեօք, որ խորհրդարանական համակարգը արդէն գործելու անցած է եւ իր յաջողութեան գրաւականը կապած` այս մեծ մարտահրաւէրին… Խորհրդարանական վարչակարգը դեռեւս 1991-ին առաջարկած ՀՅԴ-ի համար այս պիտի նշանակէ կրկնակի յաջողութիւն եւ աւելցնէ համոզումը վարչակարգի կատարելագործման` սկսելով «ռէյթինկային» կոչուած ընտրակարգի վերացումով: Իր յաջող լրումին հասնելու պարագային, քաղաքական այս աշխուժութիւնը ի լուր աշխարհի պիտի գայ ցոյց տալու, որ ժողովրդային զօրաշարժը, հոգ չէ, թէ ան կոչուի «թաւշեայ յեղափոխութիւն», եւ սահմանադրական կարգերու պահպանման նախանձախնդրութիւն անպայմանօրէն իրարու հակասելու չեն: Ընդհակառակը, քաղաքական դերակատարներու հասունութիւնը կրնայ եւ անոնց համալրումին յանգեցնել:

«Ժողովուրդի թեկնածու» բանաձեւումը, որուն գործածութիւնը օրինականացաւ թէ՛ ՀՀԿ-ական նոր թեկնածուի առաջադրումը բացառելու եւ թէ՛ ալ Նիկոլ Փաշինեանին որպէս միակ թեկնածու ներկայացնելու միտումով, պահի պայմաններով հասկնալի, բայց սահմանադրական կարգերու համար վտանգաւոր այլ իրողութիւն մըն է, որ նախընթաց պէտք չէ ստեղծէ: Այդ իսկ պատճառով նոր ընտրութիւններով նոր Ազգային ժողովի յառաջացումը կենսական է սահմանադրական կարգի ամրագրման համար:

Այս մայիս մէկին աշխարհի մէջ աշխատաւորներն ու աշխատանքի դատի պաշտպանները իրենց ձայնը լսելի պիտի դարձնեն` ի խնդիր իրենց ճակտի քրտինքով ստեղծուած հարստութեան արդար բաժանման եւ ընդդէմ անոր կեդրոնացման` կեղեքողներու մէկ տոկոսի ձեռքերուն մէջ: Աշխատաւորներու բազմատեսակ պահանջներու օրակարգային խնդիրները կը յառաջանան հարստութեան բաժանման այս ծայրայեղ անհաւասարութիւնը աւելի եւս սրող համակարգէն, որուն փոփոխութիւնն է մարդկութեան ամենամեծ մարտահրաւէրը:

Այս մայիս մէկին Հայաստանի մէջ երկու շաբաթէ աւելի զօրաշարժի ենթարկուած ժողովուրդը իր յաղթանակը կը տօնէ: Անոնց մեծամասնութիւնը երիտասարդներ են, որոնք կեանքի ասպարէզ պիտի սկսին բանակ երթալով: Հազուադէպ են անոնք, որոնք հայրենիքի պաշտպանութեան պարտականութիւնը հարցականի տակ կը դնեն,  բայց բոլորը գիտակից են, որ բանակէն վերադարձին դժուարութիւն պիտի ունենան գործ գտնելու, պատուաւոր աշխատավարձ ունենալու, կենսամակարդակը բարձրացնելու: Շատերուն համար արտագաղթը, արտասահման աշխատանքի երթալը, ընտանիքէն ու հայրենիքէն հեռանալը հեռանկարներ են, որ չեն կրնար նկատի չառնել: Ի հակասութիւն իրենց կեանքի դժուար պայքարին, առանձնաշնորհեալներու փոքրամասնութիւն մը` հայրենի իրականութեան մէկ տոկոսը պիտի շարունակէ մտահոգուիլ միայն իր զեխ կեանքի շարունակման ապահովումով: Նախագահական թէ խորհրդարանական, այդ առանձնաշնորհեալ դասակարգին համար կարեւորը ընկերատնտեսական համակարգի վերարտադրումն է: Ժողովրդային շարժման թիրախը հասկնալիօրէն Սերժ Սարգսեանն էր: Անոր հրաժարականէն ետք թերեւս անխուսափելի էր ժողովրդային զօրաշարժի ճնշումի շարունակութեամբ արգիլել, որ ՀՀԿ շարունակէ իշխանութիւնը իր ձեռքերուն մէջ պահել: Առանց պետական լծակներու` ՀՀԿ-ն կրնա՞յ ժողովրդային քուէով շահած օրինականութեան յաւակնութիւնը ունենալ: Այդ մէկը յայտնի պիտի ըլլայ յաջորդ ընտրութիւններուն:

Կը մնայ, որ համակարգային իսկական փոփոխութիւնը Սերժէն եւ ՀՀԿ-էն անդին է: Դժուար գործընթաց մըն է, որ արտաքին թէ ներքին բոլոր սահմանափակումները նկատի ունենալով հանդերձ, պէ՛տք է թիրախ ընտրէ հարստութեան աւելի արդար բաժանումը, առանց որուն` ընկերային արդարութեան ամէն յառաջընթաց լաւագոյն պարագային ժամանակաւոր եւ փխրուն պիտի ըլլայ: Անկախութենէն ետք ծնած ու հասակ առած այս երիտասարդ սերունդը «թաւշեայ» թէ «գունաւոր» յեղափոխութիւններու քարոզչութիւնը շատ լսած է, քաջ գիտակից է ժողովրդավարութեան արժէքին` ընտրութիւններէն անդին: Այս շարժումը, ըստ երեւոյթին, գտաւ նաեւ քաղաքական այն ղեկավարը, որ հասկցաւ ժողովրդային շարժման ուժն ու կարեւորութիւնը: Երանի այդ մէկը ըլլայ ոչ միայն իշխանափոխութեան, այլ ժողովրդավարութեան ամրապնդման համար եւս:

Կը մնայ այն, որ հրապարակէն դեռ կը պակսի քաղաքական այն ուժը, որ գիտնայ այս մայիս մէկի հայաստանեան անկիւնադարձը շաղկապել աշխատաւորական պահանջատիրութեան հետ եւ սկիզբ տայ համակարգային փոփոխութեան` ժողովուրդին հետ, ժողովուրդի դերակատարութեամբ, ներքեւից, ինչպէս արեւելահայերէն այնքան իմաստալից կերպով կ՛ըսուի: Նման համակարգային փոփոխութիւն պիտի նշանակէ նաեւ աշխատանքի դատի պաշտպան քաղաքական ուժի վերանորոգում եւ ինքնահաստատում: Նո՛ր սկիզբ:

Պուէնոս Այրես, 1 մայիս 2018

 

Ընտրական Քրոնիկ. Շարունակականութիւնը Ապահովելու Օրը

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Մայիս 6-էն առաջ պէտք է հաստատել մէկ իրողութիւն: Այսօր արդի աշխարհի տրամադրած բոլոր միջոցները իրենց դրական եւ ժխտական երեւոյթներով կրնան հանրութիւնը շփոթի մատնել, ուղղուածութեան վրայ ազդել, սկզբունքներէ շեղել, երախտագիտութեան եւ պատկանելիութեան զգացումներուն վրայ ազդել, սակայն կայ մէկ եւ միակ իրականութիւնը` գնայուն եւ մնայուն արժէքի իրողութիւնը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր տասնեակ տարիներու վաստակով, գործունէութեամբ, տեսլականով, քաղաքական եւ ազգային սկզբունքներով, կառոյցներով, հաստատութիւններով, Հայ դատի աշխատանքով եւ հայապահպանման անզիջող կեցուածքով մնայուն արժէքի իրողութիւնը փաստած է: Մենք պէտք չունինք քարոզչութեան, բացատրելու, խօսելու, խնդրելու եւ պահանջելու, թէ ինչ կ՛ընենք, մենք ներկայ ենք այսօր ինչպէս որ ենք: Մեր կառոյցները հայելին են մեր աշխատանքին: Մեր միութիւնները մեր համակիրներու զոհաբերութեան կեդրոններն են: Ուրեմն, ընտրանքի հարց գոյութիւն չունի: Ընտրանքը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ցանկն է:

Այն ցանկը, որուն ընդմէջէն ծառայած են Մովսէս Տէր Գալուստեաններ, Մելքոն Էպլիղաթեաններ, Շահէ Պարսումեաններ, Սեպուհ Յովնանեաններ, Ժաք Չուխատարեաններ, Անտրէ Թապուրեաններ, Խաչիկ Պապիկեաններ եւ Արթիւր Նազարեաններ… Այսօր ինչ որ պիտի ընենք այս իմաստով եւ գիտակցութեամբ պիտի ընենք: Մնացածը աւելորդաբանութեան սահմաններուն մէջ կը գտնուին: Մնացածը գնայուն են, մնայունը Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն է իր բոլոր մակարդակներու առաջադրանքով եւ իր շարունակականութիւն ունեցող ծրագիրով:

Յիշեցնելու կարգով ըսենք, որ Եղեռնի 50-ամեակէն մինչեւ օրս Ցեղասպանութեան օրակարգով քաղաքական, ժողովրդային եւ հանրային բոլոր նախաձեռնութիւններու մղիչ ուժը հանդիսացող, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի առաջին օրէն մինչեւ աւարտը նուազագոյն վնասով գաղութը ազատելու ճիգերը եւ մեր շրջաններու ապահովութիւն տուողը, ազգային, միութենական, բարեսիրական, կրթական եւ մարզական բոլոր մտահոգութիւններուն եւ նախաձեռնութիւններուն նեցուկ կանգնող եւ թափ տուող ուժը, մեր համայնքի արդար չափը եւ կշիռը հետապնդողը եւ անանձնական ամբողջական նուիրումով աշխատողը եղած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, եւ այսօր միայն ձեր քուէն կրնայ այս բոլոր ճիգերուն նեցուկ ըլլալու կեցուածքը յայտնողը ըլլալ, վստահ եմ եւ կասկած չունիմ:

Այս իմաստով գիտակից եւ խստապահանջ իւրաքանչիւր լիբանանահայ պէտք է իր պարտականութիւնը կատարելու պատասխանատուութիւնը գիտնայ եւ մանաւանդ ճիշդը ընտրելու խիզախութիւնը:

Ճիշդ ընտրանքը մնայուն եւ շարունակական գործի յաջողութիւնը կ՛ապահովէ:

Մայիս 6-ը մեր քուէներով այս աշխատանքի յաջողութիւնը ապահովելու օրն է:
Մայիս 6-ը մեր քուէներու վաղուան ձեռքբերումներու օրն է:
Մայիս 6-ը ձեր քուէին եւ մեր խոստումին օրն է:

 

 

Դաշնակցութիւնը Իր Էութի՛ւնը Հայութեան Կու Տայ Եւ Պիտի Շարունակէ Տալ

$
0
0

ՓԱԹԻԼՕ

Արդէն մտած էինք մայիս ամիսը, Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն օրը կը մօտենար  յանկարծ նկարներ յայտնուեցան ասդին ու անդին, բնականաբար` առաջադրուած թեկնածուներու նկարներ: Աթոռի պայքարին զուգահեռ սկսաւ քուէի առեւտուրը: «Միւսները հազար տոլար կու տան կոր»-ը ընթացք առաւ, իսկ ոմանք շեղեցան… Իսկ որո՞նք են միւսները. ո՞ւր էին մինչեւ հիմա. դարէ մը աւելի է, որ Դաշնակցութիւնը թիկունք կանգնած է հայուն, Հայ դատի ճանաչման համար պայքարած է: Ինչ կը վերաբերի առեւտուրին, այդ գծով հիմնական հարցումը հետեւեալն է. Ո՞վ հայրը կը ծախէ,  ո՞վ կը մոռնայ իր հօր զոհաբերութիւնը եւ ուրիշին քանի մը ղրուշին նայելով «ինչու դուն ի՞նչ ըրած ես որ» կը հարցնէ հօրը:

Դաշնակցութեան թեկնածուները միշտ մեր կողքին էին, այլոց նման օդապարիկով չյայտնուեցան յանկարծ: Մեր միութիւններուն մէջ գործեցին, հայկական միջավայրի մէջ ծնած են, սնած ու մեծցած  եւ վստահաբար մեր արդար ձայնն են խորհրդարանին մէջ… ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը անձամբ տնօրէնս եղած է. մեզի հայերէն, հայոց պատմութիւն, հայ մշակոյթ դասաւանդած է… Մտքիս մէջ մինչեւ օրս դրոշմուած է «Ոչ մէկ աշակերտ հայ դպրոցէն դուրս պիտի մնայ»-ի իր խիստ կեցուածքը: Պուրճ Համուտի առաջին հանրային գրադարանին հիմնադիրն է, մեզ հայերէն կարդալու մղած է, հայ գիրք տրամադրած ու Դաշնակցութեան հպարտ զաւակն է ան:

«Միւսները հազար տոլար կու տան կոր» ըսողները անգամուան մը համար թող յիշեն, թէ «Արեան կանչի» համար ո՞ր թիւին հեռաձայնած են այսքան տարիէ ի վեր, պայթուցիկի ձայնէն մտահոգուելու պարագային որո՞ւ ակումբը վազած են: «Ձեռք երկարենք» յայտագիրը ո՞ր ձայնասփիւռի կայանի եթերէն կը սփռուի. հազար տոլար փնտռողները թող իրենց հայեացքը ուղղեն Եռաբլուր` մեր սրբազան պանթէոնը` իրենց արիւնն իսկ չխնայած մեր հերոս տղոց:

Այսօրուան «ինչու ի՞նչ ըրած էք» հարցումին իբրեւ պատասխան մեր հայրը իր ըրած բոլոր բարիքները օրին ձեր աչքը չէ մտցուցած… առյաւէտ յիշեցման համար հաշուեկշիռները տպելով Պուրճ Համուտի պատերը չէ փակցուցած… Այսօր տոլարէն կը կուրնաք… Տակաւին քանի մը օր առաջ ՀՄԸՄ-ի նուաճած բաժակին լուրը լսելով կը ցատկռտէիք… Ոմանք թիւեր կը պահանջեն, հաշուետուութեան կարիք յայտարարած են:

Նախ եւ առաջ, եթէ մեր միութենական կամ մշակութային առօրեային մէջ ըլլային, մեր ձեռնարկներուն ներկայ ըլլային, ականատես կ՛ըլլային մեր բեղուն գործունէութեան, ապա օդին մէջ թիւ չէին փնտռեր: Չէ՞ որ ուսողութիւնն ու թիւերն ալ տրամաբանութիւն կը պահանջեն:  Դաշնակցութեան ուղեկից  միութիւնները օրին մամուլով յայտարարած են թիւեր:

Յիշեցում. ԱՖՀԻԼ իրերօգնութեան սնտուկը ունի 6000 անդամ, գաղութի երիտասարդութեան տրամադրութեան տակ դրած է 4 մարզասրահ, ամէն տարի կը ցրուէ 4 թիւէ կազմուած 3000 «Զգուշ» պարբերաթերթ` անվճար: 2017-ին 120 միլիոն լիբանանեան ոսկիի նպաստ տրամադրած է, ներառեալ հիւանդանոցային եւ տնային սարքեր, ինչպէս նաեւ համալսարանական օգնութիւններ: Անցնող տարուան ընթացքին ԱՖՀԻԼ-ը  հոգացած է 3 միլիոն տոլարի հասնող  հիւանդանոցային ծախս:

«Կեանք մը փրկենք» ֆոնտը բազմաթիւ հայ երիտասարդներու կեանքը փրկեց: Այլ օրինակ մը ԼՕԽ-ն է, տարին 26000 պարագայ խնամք կը ստանայ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնէն: 220 պարագայ կ՛օգտուի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքէն, 5000 պարագայ` շողարձակումի բաժանմունքէն, 4000 պարագայ` դեղարանին ընծայած մատչելի սակերով դեղերէն, 5000 պարագայ` տարրալուծարանի ընծայած սպասարկութենէն, 6000 պարագայ` ատամնաբուժարանէն: 2017-ին դարձեալ 75 ծանր  առողջապահական վիճակ ունեցողներ նիւթական օգնութիւն ստացան ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութենէն: 200 անտէր ծերունիներ ԼՕԽ-ի 26 մասնաճիւղերու տրամադրած խնամքէն կ՛օգտուին, շաբաթը 2 օր անվճար ճաշ կը ստանան: 464 աշակերտ աշակերտական ֆոնտէն կրթաթոշակ ստացաւ, իսկ 50 համալսարանական` Շրջանային վարչութենէն տրամադրած նիւթական  պարգեւ:

Երեսփոխանական գրասենեակը 21 դեկտեմբեր 2017-ի տուեալներով լուծած է 1650 զանազան բնոյթի հարցեր` ներկայացուած քաղաքացիներուն կողմէ, տարբեր նախարարութիւններու եւ ժողովուրդին միջեւ կամուրջ հանդիսանալով: Գրասենեակը  կարիքաւորներուն տրամադրած է 348 ծրար ուտեստեղէն: Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտերէն օգտուած են 312 դիմողներ:

Իրագործուած աշխատանքի ծաւալը այնքան լայն է, որ ամէն ինչ յիշելու համար հատորներ կը պահանջուի: Հայ դատի աշխատանքներ, մարզական, ուսումնական, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ճամբարներ, դրամահաւաքներ… Եթէ «միւսները 1000 տոլար կու տան կոր», մերինները իրենց էութիւնը հայութեան տուած են, կու տան ու պիտի տան…

 

 

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Զարգացման Երաշխիքը

$
0
0

Քաղաքակրթութեան պատմութեան մէջ առանձնակի դեր ունեն մարդկային հաւաքականութիւնների ըմբոստութիւնները, որոնք զանազան ձեւերով արտայայտուել են որպէս յեղափոխութիւններ, ապստամբութիւններ կամ ընդվզումներ: Այդ ըմբոստութիւնները հիմնականում հանդիսացել են մարդկութեան զարգացման թռիչքային հանգրուանների բեմահարթակներ:

Այս դիտանկիւնից` սուտ եւ մտացածին են ազատական այն տեսակէտները, որ իբր թէ միայն կայունութեան ապահովմամբ կարելի է ունենալ զարգացում: Զարգացման համար, ի հարկ է, պէտք է ունենալ ոչ միայն կայուն մթնոլորտ, այլ` կայացած հիմք, իսկ երբ խարխուլ հիմքի վրայ փորձում են կառուցել կայուն «պալատներ», պարզ է, որ վաղ թէ ուշ փոշիանում են թէ՛ «պալատները» եւ թէ՛ այդ հիմքի վրայ կառուցուած «զարգացումները»:

Մենաշնորհները, փտածութիւնը, օլիկարխիկ համակարգը եւ նման ախտերը հէնց այն խախուտ հիմքերն էին, որի վրայ փորձում էին կառուցել նորանկախ Հայաստանի իշխանական եւ հասարակական համակարգը: Պատահական չէ, որ մեծ արագութեամբ ի չիք դարձան բոլոր հաշուարկները եւ փլուզուեց համակարգը:

Արդէն իսկ կասկածից վեր է, որ Հայաստանում ծաւալուած համաժողովրդական շարժումը կարողացել է նուաճել իրական յաղթանակ: Իրական յաղթանակը կայանում է ոչ միայն իշխանութեանը ձգտող անձանց յաղթանակով, այլ ժողովրդի մէջ տիրող մտայնութեամբ` կապանքների թօթափմամբ: Իսկ ժողովրդի ազատագրումը պետականութեան զարգացման կարեւոր եւ վճռորոշ հանգրուան է: Մերօրեայ պատմութեան մէջ նման պահ ապրել ենք 1988-ին, երբ մեր ժողովուրդը կարողացաւ թօթափել ստրկամտութիւնը եւ իր մէջ ուժ գտաւ իր իրաւունքների համար պայքարելու: Այս տարի նշում ենք այդ զարթօնքի 30-ամեակը: Մայիսի աւարտին նշելու ենք մէկ այլ ազատագրական տօն` Հայաստանի պետականութեան վերականգնման 100-ամեակը: Իսկ այժմ, ներկայ օրերում պարտաւոր ենք արձանագրել ժողովրդի մտայնութեան ազատագրման այս յաղթանակը եւս:

Այս յաղթանակը առարկայականացնելու գործում բաւականին բարդ եւ վճռական որոշումներ կայացնելու դէմ յանդիման է կանգնած հայ քաղաքական միտքը: Քաղաքական գործիչներն ու քաղաքական կուսակցութիւնները իրաւունք չունեն ժողովրդի յաղթանակը, նրանց խանդավառութիւնն ու ապագայի հանդէպ տեսլականը ոչնչացնել:

25 տարի առաջ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան օրօք Հայաստանի իշխանութիւնների անխոհեմ քաղաքականութիւնը պատճառ դարձաւ, որ հայ ազգը չկարողանայ ապրել, ոգեշնչուել եւ իր ապագան կառուցել արցախեան յաղթանակների ոգով ու կուտակուած ներուժով:

Պէտք չէ կրկնել նախկին սխալները: Մեզ բոլորիս պէտք է ժողովրդի ներուժն ու յաղթանակով կուտակուած ախտահանուած հասարակութեան ապագայի հանդէպ դրական լիցքեր պարունակող տեսլականը: Դա է երկրի զարգացման միակ եւ անփոխարինելի երաշխիքը:

2 մայիսի 2018թ.

 


Ներազգային Քաղաքականութեան Պատասխանատուութեան Նոր Փուլ

$
0
0

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ

Կասկածէ վեր է, որ այսօր համայն հայութեան ուշադրութեան կիզակէտը երկու ուղղութեամբ է.

Առաջին` Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու անվտանգութեան եւ անդորրութեան ու ապա Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  սահմաններու վրայ կուտակուած փաստացի արտասովոր ազրպէյճանական զինուորական ներուժի եւ ծանր տեսակի զէնքի կիսապատերազմական սպառնալիքներով շարժումները:

Երկրորդ` Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական իրադարձութիւնները, ժողովրդային զարթօնքը, որոնք կը ձգտին աւելի արդար, բարգաւաճ եւ լուսաւոր նոր Հայաստանի մը կերտման:

Բայց մանաւանդ համայն հայութեան հայեացքները ուղղուած են մայիս 8-ին կայանալիք Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստի ընթացքին հաւանական ընտրութեան` Նիկոլ Փաշինեանի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետութեան: Բան մը, որ արդէն խորհրդարանական չորս կուսակցութիւններէն երեքը` «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը, «Ելք»-ը եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, կը զօրակցին եւ ըստ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Ազգային ժողովի խմբակցութեան ղեկավարի յայտարարութեան, մայիս 8-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը վարչապետ կ՛ունենայ, եւ իրենք պիտի չխոչընդոտեն տուեալ ընտրութիւնը եւ պիտի սատարեն խորհրդարանի մէկ երրորդին կողմէ առաջադրուած թեկնածուին:

Իրականութեան մէջ պէտք է ըսել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետութեան թեկնածու Նիկոլ Փաշինեանի վերջին օրերու տեսակցութիւններու եւ հանդիպումներու ընթացքին, զանազան քաղաքական կուսակցութիւններու հետ, ուր հաւանաբար լայնօրէն քննարկուած կը թուի ըլլալ ինչ կը վերաբերի Փաշինեանի ծրագիրներու, մօտեցումներու եւ գնահատումներու կապակցաբար եւ վերջինիս յայտարարութիւնները իր ընդհանուր գիծերուն մէջ գոյութիւն ունեցող որոշ հարցադրումներու, տարակարծութիւններու եւ անորոշութիւններու գծով կարծես որոշ հանգստութիւն մը կու տան Հայաստանի քաղաքական մտքին եւ կուսակցութիւններուն կապուած տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն, շրջակայ երկիրներու հետ փոխյարաբերութիւններուն, Հայաստանի անվտանգութեան, արցախեան հարցի կարգաւորման, Թուրքիոյ հետ յարաբերութեան, Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, Եւրասիոյ եւ ՀԱՊԿ-ի շրջանակներու հետ ռազմավարական եւ անվտանգութեան պայմանագրութեանց եւ այլն… Փաստօրէն Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ ինք ոչ մէկ փոփոխութիւն կատարելու նպատակ ունի Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ:

Արդարեւ, տուեալ ժողովրդային զարթօնքին բուն թիրախը, այո՛, որքան որ առաջին հերթին երկրի ժողովրդավարութիւնը, պետական համակարգի փոփոխութիւնը, ընկերատնտեսական կենսական խնդիրներու շուտափոյթ լուծում ապահովելն է, սակայն նոյնքան ալ կարեւոր է ազգային միասնականութիւնը, ազգային արժէքներու պահպանումը, մանաւանդ որ այս շարժման իւրայատկութիւնը կամ յաջողութեան գրաւականը կը հաւատանք, որ կը կայանայ անոր մէջ, որ ան պէտք չէ ո՛չ հատուածական շարժումի մը տպաւորութիւնը ձգէ, ո՛չ ալ ան սովորական իշխանափոխութեան տպաւորութիւնը մէկ այլ իշխանութեամբ:

Փաստօրէն, այսօր Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդած ժողովրդային շարժումը թեւակոխած է պատասխանատու նոր փուլ` տուեալ շարժման ընթացքին հնչած բոլոր գաղափարներու եւ քաղաքական պահանջատիրութիւններու կարգախօսերու գործնականացման փուլ:

Այնուամենայնիւ, կ՛արժէ հակիրճ ակնարկ մը նետել ՀՅ Դաշնակցութեան վերջին 25 տարիներու ներհայաստանեան քաղաքական օրակարգերով, որոնք հանդիսացած են վերոնշեալները եւ քայլ առ քայլ իւրաքանչիւր հնարաւոր փուլին զանոնք իրականացուցած է կամ նպաստած, կամ ալ համահեղինակ եղած է, ինչպիսին է, օրինակ, այսօրուան սահմանադրութիւնը, որ բոլորիս ապահովութեան կռուանն է, որ` բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններու ապաւէնն է, որ, վերջապէս, հակառակ իր այդ կարճ կենսափորձին, փրկեց անվերադարձ կորուստներէ. այսօր նոյնինքն վարչապետութեան թեկնածու Նիկոլ Փաշինեան անգամ կը հաստատէ, որ «շահագրգռուած ենք, որ քաղաքական իրավիճակը լուծում ստանայ սահմանադրութեան ծիրին մէջ», ինչ որ Դաշնակցութիւնը առաջին իսկ օրէն կ՛ընդգծէր:

Դաշնակցութիւնը իր 100-ամեայ կենսափորձով 25 տարուան ընթացքին նպաստեց առնուազն ներհայաստանեան քաղաքական մշակոյթի զարգացման, սփիւռքի նախարարութեան արդիւնաւէտութեան, երկքաղաքացիական օրինագիծի որդեգրման, սահմանադրութեան փոփոխութեան, ընտրական օրինագիծին, հայ-թրքական եւ ֆութպոլային պարտուողական դիւանագիտութեան քաղաքականութեան դէմ պայքարին, արցախեան բանակցութիւններու անզիջող կեցուածքին առջեւ կը պահանջէ Շահումեանի եւ Գետաշէնի ազատագրումը, տակաւին, Աստուած հոգին լուսաւորէ, ընկ. Վահան Յովհաննիսեանի օրին գլխաւորած փտածութեան դէմ պայքարի պետական յանձնախումբին աշխատանքները, ընկերային առումով` հայրենի մեր ժողովուրդի անմխիթար խաւի անհրաժեշտ պետական պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ սփիւռք-Հայաստան փոխյարաբերութիւններու մակարդակը հասցնելու գործնական եւ իր ամէնէն բարձր աստիճանի, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի համապետական յուշագրի կապակցաբար եւ այսպէս շատ մը խնդիրներու…

Իրականութիւններ, որոնք կարելի չէ խեղաթիւրել եւ ապատեղեկատուութեամբ զբաղիլ:

Այսօր երկրի Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդականացման եւ արդիականացման գործընթացը պէտք է համահունչ եւ ներդաշնակ ընթանայ մեր ազգային արժէքային համակարգին եւ ազգային միասնականութեան պահպանմամբ:

Արմատախիլ պէտք է ընել այլամերժութիւնը եւ ատելութիւնը, մանաւանդ այս փուլին, երբ մե՛նք, այո՛, մենք պէտք է ազգովին վերադառնանք մեր բնականոն կեանքի ընթացքին եւ շարունակենք մեր համազգային երթը:

Հայութեան համար արտասովոր եւ յոբելենական տարի է 2018-ը, եւ համայն հայութեան հայեացքները ուղղուած են Երեւան:

Բացարձակին մէջ ճիշդ կը գտնենք եւ առողջ` այն ակնարկները, որոնք պէտք չէ հին էջեր բանան եւ ներազգային ջիղը բորբոքեն եւ մթնոլորտ ստեղծեն, ինչպէս որ նոյնքան ալ բացարձակին մէջ ճիշդ կը գտնենք եւ առողջ, որ հնարաւորին չափ պէտք է մէկ կողմէ ազգը համախմբել եւ կառուցողական ըլլալ, իսկ միւս կողմէ` բնաւ պէտք չէ վրէժխնդրութեամբ առաջնորդուիլ եւ այս երիտասարդական ու ժողովրդային զարթօնքին ընդմէջէն այլ հաշիւներ փորձել տեսնել:

Պիտի մաղթենք Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրուելիք նոր վարչապետին եւ տուեալ ժողովրդային զարթօնքին, որ նոր մեկնարկ մը հանդիսանայ համայն հայութեան երազներու, նպատակներու եւ համազգային ծրագիրներու իրականացման:

Պիտի մաղթենք, որ այս զարթօնքը նոր մեկնարկ մը հանդիսանայ ազգային միասնականութեան, հանդուրժողականութեան եւ հաւաքական համախմբութեան:

4 մայիս 2018

 

Դիմաւորելով 100-ամեակը-16. Յովհաննէս Թումանեանի «Միտքեր»-ի Հետ

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Երեւան, Յովհաննէս Թումանեանի (1869-1923) թանգարանէն գնած էի մանրակազմ, բայց հաստափոր հատոր մը` «Միտքեր» (Արեւելք-արեւմուտք մատենաշար), լոյս տեսած` 2011-ին:

Երբեմն կը բանամ գիրքը, կը դարձնեմ էջերը: Ինչե՜ր ըսած եւ գրած է ժողովուրդին եւ հողին մօտ ապրած այս հայը: Չեմ ուզեր սահմանափակել մարդը` ըսելով բանաստեղծ, հեքիաթագիր, գրող:

1919-ին Հայաստանի Հանրապետութեան «նախարարապետ»-ին ուղղուած նամակէ մը մէջբերում կայ, որ կ’ըսէ. «… մենք արդէն ունենք մեր կառավարութիւնը, որի համար հայ կուլտուրայի (մշակոյթի) պաշտպանութիւնը առաջնակարգ հոգսերից պիտի լինի»: Յովհաննէս Թումանեան ծանօթ էր այդ օրերու երկրի ընկերային եւ տնտեսական կացութեան, եւ հակառակ անոր գիտէր, որ հայ մշակոյթի զարգացումը կը պահանջէ պետական պաշտպանութիւն, որ` ան առաջնակարգ մտահոգութիւն պէտք է ըլլայ կառավարութեան համար:

Ընդհանրացնելով, ըսենք` մշակոյթը առաջնակարգ մտահոգութիւն պէտք է ըլլայ, եւ ըլլար հայ ղեկավարութեան համար, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Չի բաւեր գրողներու անուններ յիշել: Անհրաժեշտ է մշակոյթը պահել կենդանի, ոչ` որպէս գեղօր, զարդարանք, այլ որպէս` ինքնութեան եւ տեւելու կամքի արտայայտութիւն:

Այս մասին խօսած է Յովհաննէս Թումանեան, երբ դեռ կառավարութիւն չունէինք, 1916-ին, հայոց պատմութեան ողբերգութեան դաժան օրերուն: Կ’արտագրեմ քանի մը խօսքեր, ըսուած` 1916-ին:

Կ’ըսէ. «Ազգային-պետական օժանդակութիւնը անհրաժեշտ է դառնում մանաւանդ էն երկրներում, ուր ժողովուրդը, թէկուզ եւ զարգացած, բայց իր քանակով փոքր է. օրինակ` մի Շուէտիա, մի Նորվեկիա, մի Դանիա: Նրանց գրողը, թէկուզ եւ Իբսեն լինի, չի կարող յոյս դնել իր ընթերցողների քանակի վրայ, եւ ազգային-պետական օգնութիւնն անհրաժեշտ է եղել, որպէսզի նա ապրէր, զօրանար ու դառնար համեւրոպական կամ համաշխարհային գրող»:

Ինչ որ կ’ըսէ Յովհաննէս Թումանեան, ողջմիտ մարդու խօսք է: Այսօր այս ողջմտութիւնը կա՞յ մեր ազգաշինական ծրագրումներուն եւ անհատնում երթեւեկներուն, խօսքի եւ պատկերի ցուցադրութիւններուն մէջ:

Այսինքն գրողը, գրականութիւնը եւ մշակոյթը մեծցնողը ժողովուրդն է, ընթերցողը: Մեր ժամանակակիցները, հոն, ուր հայ կայ, վարչականներ (որոնց թիւը ազատագրական բանակ կրնայ ըլլալ), միութիւնները, կուսակցութիւնները, եթէ լսէին Յովհաննէս Թումանեանը… Եթէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարին մէկ գիրք գնէր եւ կարդար…

Քննադատութիւնը այնքա՜ն բիրտ է եւ այժմէական, երբ կ’ըսէ, թէ` «… չի կարելի հանդիսաւոր օրերը գրականութիւնը մէջտեղ դուրս բերել խաչվառի նման ու հանդէսից յետոյ, ուրիշների առջեւ պարծենալուց յետոյ նորից ետ տանել, կոխել մի մութը խորան, որտեղից դուրս էին բերել»: Մտաբերեցէ՛ք դպրոցական եւ այլ հանդէսներուն մեր ծափահարած բանաստեղծութիւնները… Ծափահարուողը մանկապարտէզի թոթովող մանուկն է, քիչ մը աւելի քիչ մը պակաս, քան` լսուածը:

Այնքա՜ն ողջմիտ եղած է Յովհաննէս Թումանեան. ան գիտցած է, որ ժողովուրդի մը գրականութեան մէջ չկան միայն հանճարներ, այլ նախ կան գրողներ, որոնց մէջէն կը յայտնուին մեծերը: Կարեւորը գրողներու պաշտպանութիւնն է: Կ’ըսէ. «Գրականութիւն ունենալու համար ժողովուրդները պէտք է ոչինչ խնայեն եւ նոյնիսկ պաշտպանելու դէպքում էլ լաւ իմանան, որ իրենց պահածներից եւ պաշտպանածներից տասնից մինն է միջակ գրող դուրս գալու, հարիւրից մինը` տաղանդաւոր եւ հազարից մինը` հանճարեղ»:

Արտայայտուած միտքը այնքա՜ն պարզ է եւ իմաստուն: Գրողի տաղանդաւոր կամ հանճարեղ ըլլալը անմիջապէս չի գիտցուիր, ան նախ պէտք է գրէ, հնարաւորութիւն ունենայ գրելու, տպագրուելու, հասնելու ընթերցողին, ընթերցողն ալ հասնի գրողին: Բայց ինչպէ՞ս գրողը պիտի հասնի ընթերցողին եւ` փոխադարձաբար, երբ հայ գրողին գիրքը լոյս կը տեսնէ 100, 200, բախտաւոր պարագային 400 օրինակով: Այդ գիրքերը ընդհանրապէս նուէր կը տրուին: Գրող մը, Ս. Կ., կ’ըսէր, որ իր գիրքերէն մէկ տոլար չէր գանձած, ուրիշ մը կ’ըսէր, որ գիրքը ոչ միայն նուէր պիտի տանք, այլ դրամ ալ պիտի տանք, որ կարդան…

Կատա՞կ, թէ՞ տրամ…

1919-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախարարապետին ուղղուած նամակը այսօր որո՞ւ եւ որո՞նց պէտք է ուղղել, այնքա՜ն բազմաթիւ են նախարարապետի դիրքին պէս տեղերու վրայ գտնուողներ, որոնց համար գիր-գրականութիւն անկարեւոր զբաղումներ են: Ինչպէս յաճախ կը կրկնեմ, թիւերու լեզուն ենթակայական չէ, վիճելի չէ: Հազարով խորհրդաժողովի եւ հացկերոյթի մասնակցողներուն, սրահի մուտքին, հարց պէտք է տալ, թէ տարուան ընթացքին քանի՛ գիրք գնած են եւ կարդացած: Եթէ այդ երեւելի անձինք այդ ճիգը չեն ըրած եւ չեն ըներ, ի՞նչ կարելի է ակնկալել շարքային հայէն, զանգուածէն: Միութիւններու, կուսակցութիւններու, այլանուն եւ բազմանուն խորհրդաժողովներուն օրակարգ եղա՞ծ է, կրնա՞յ ըլլալ, օր մը պիտի ըլլա՞յ այս հարցը:

Այս մասին խօսիլ ո՛չ աւելորդաբանութիւն է, ո՛չ պերճանք:

Անկախութիւն եւ պետութիւն կը յատկանշուին ինքնութեամբ, ազգի ինքնուրոյնութեան պահպանումով: Քաղաքական անկախութիւնը փուճ է, եթէ չկայ ոգեկան-մշակութային անկախութիւնը: Կրնանք մեծ գիտնականներ ունենալ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ, օտարաբարբառ մեծ գրողներ եւ արուեստագէտներ ունենալ, անոնց նպաստը մեր ժողովուրդը չի ջերմացներ, յարդի բոց է` տօնական առիթներու սնապարծութեան համար, անվաղորդայն: Օտարացման խաւարէն դուրս պէտք է բերել հայու հոգին, գրականութիւնը, մշակոյթը: Կրկին կը կարդամ Յովհաննէս Թումանեանի միտքերէն մին, ըսուած` Ալեքսանդրապոլի (Գիւմրի) համալսարանին մէջ, 1920-ին. «Մեր ժողովրդին բռնակալներից ֆիզիքապէս ազատելուց յետոյ պիտի ազատել նրա միտքն ու հոգին աւարի ու տգիտութեան բռնակալութիւնից եւ հաղորդակից անել լուսաւոր մարդկութեան ու տիեզերքի մեծ կեանքին»:

Հարիւրամեակ, խորհրդաժողովներ, ամպագոռգոռ ճառեր, պիտի հակի՞ն յիշուած եւ մանրուք հարցերուն վրայ, եւ անդրադառնան, որ ինչպէս ըսած է Յովհաննէս Թումանեան, մշակոյթը պետական պաշտպանութեան պէտք ունի, այսինքն` ղեկավարութիւններու:

Բայց ողջմիտ Յովհաննէս Թումանեան չի սաւառնիր եթերի մէջ, չի բաւարարուիր տեսութիւններով: Գիտէ, որ մշակոյթ եւ գրականութիւն կը շնչեն մարդոցմով: Ինչ որ կ’ըսէ, 1920-ին Նիկոլ Աղբալեանին ուղղուած նամակին մէջ, բազմապատկուած ձեւով հասկնալի եւ տեսանելի է այսօր, Հայաստան եւ սփիւռքներ: Գրողներ կը զբաղին այլազան գործերով` ուսուցիչ, ատամնաբուժ, բժիշկ, լրագրող, թերթի սրբագրիչ, ընկերութեան մը մէջ պաշտօնեայ: Կը կարդանք. «Քաջածանօթ լինելով հայ գրական մարդկանց վիճակին… խնդրում եմ արտակարգ կերպով օգնութեան հասնէք մեր էդ թանկագին ուժերին, որոնք կազմում են հոգեւոր Հայաստանը»:

Շռնդալից ժողովներու սկիզբը եւ վերջը կան գինեձօններ, ընդունելութիւններ, ճաշկերոյթներ, բայց կա՞յ տեղ մը որոշման յանգող օրակարգ` Յովհաննէս Թումանեանի նշած հոգեւոր Հայաստանի եւ անոր սպասարկուներու մասին:

Նամակը գրուած է նախարարապետին եւ ապա` լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանին:

Այսօր ինչպէ՞ս նամակ պէտք է գրել եւ որո՞ւ, որպէսզի հանրային կարծիքը զբաղեցնող մեծանուն եւ տպաւորիչ ժողովներ, տիտղոսակիր անդամներ, խորհուրդներ եւ վարչութիւններ այս հարցը օրակարգ դարձնեն, ոչ թէ` սրտցաւութեան կարգով, այլ` ազգը եւ անոր ինքնութիւնը կրող գրականութիւնը պաշտպանելու գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ:

Որպէսզի ազգին համար ամօթ համարուի 100, 200 կամ 400 տպաքանակով գիրք հրատարակել եւ նուէր բաժնել…

Ցեղասպանութեան ճանաչման, հայրենիքի անկախութեան եւ ազատութեան համար պատուանդան են մշակոյթը, հոգեւոր Հայաստանը եւ զանոնք կրող հայ գրողը:

Տեսաբաններ եւ կարգախօս կրկնող շրջիկ քաղաքագէտներ ինչո՞ւ այս կարգի հարցերով չեն դիմեր զանգուածին` խորք ունեցող ըմբռնումներու վրայ հաւաքական կամք ստեղծելու համար:

Ո՞ւր, ինչպէ՞ս, ո՞վ եւ որո՞նք ատակ մարդու պարկեշտ պատասխան պիտի տան հարցումին, տարեդարձի մը առիթով երկհազարամեայ մշակոյթի պաշտպանութեան համար:

Ափրիկեան առած մը կ’ըսէր, որ առանց մշակոյթի` ժողովուրդ մը կը նմանի կռնակին գիծեր չունեցող վագերաձիի: Բարեկամ մը աւելցուց, որ եթէ վագերաձին իր կռնակին այդ գիծերը չունի, կը նմանի… իշու…

18 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան

 

Վաղը Քուէ՛ն Պիտի Խօսի

$
0
0

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Մինչեւ հիմա խօսեցան քաղաքական կուսակցութիւնները եւ անոնց ներկայացուցիչները:

Խօսեցան թեկնածուները եւ անոնց ընկերային ցանցերը:

Խօսեցան քաղաքական մեկնաբաններն ու լրատուամիջոցները:

Վաղը խօսելու կարգը մեր ժողովուրդինն է: Խօսելու միջոցը քուէն է: Վաղը քուէ՛ն պիտի խօսի: Ազատ արտայայտութեամբ անկախ քուէն:

Քուէն պիտի խօսի կարկուտի արագութեամբ եւ առատութեամբ:

Վաղը լռութիւնը ոսկի չէ՛: Լռութիւնը, անտարբերութիւնն ու կրաւորականութիւնը դասալքութիւն են: Պարտութի՛ւն է: Նահա՛նջ է:

Վաղը ազգային նուիրական պարտականութեան օրն է: Օրը` մեր քուէներով արժեցնելու քաղաքական մեր կամքը:

Մեր ժողովուրդը անգամ մը եւս, մէկ մարդու պէս, պիտի կանգնի իր «հին ընկերոջ» կողքին եւ անոր կոչին պիտի պատասխանէ «ներկա՛յ»:

Մեր ժողովուրդը վաղը ամենայն պարտաճանաչութեամբ պիտի կատարէ քաղաքացիական իր պարտաւորութիւնը եւ պիտի քուէարկէ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն` անոնց անձերուն ընդմէջէն վերահաստատելով իր վստահութիւնը` զանոնք ներկայացնող կուսակցութեան:

Այսպէս եղած է մեր ժողովուրդը անցնող բոլոր ընտրութիւններուն: Վաղը տարբեր չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ մեր ժողովուրդը Դաշնակցութեան յաղթանակին մէջ, արդարօրէ՛ն, կը տեսնէ ի՛ր յաղթանակը եւ ըստ այնմ կ’ըմբռնէ կիրակի օրուան քննութեան կարեւորութիւնը:

6 մայիսը քննութեան օր է մեզի համար:

Քննութիւնը կարեւոր է` ճանչնալու համար իւրաքանչիւր կուսակցութեան ներկայացուցչական ուժը, տեղն ու դերը, կշիռն ու հեղինակութիւնը իր համայնքին մէջ: Ընտրութիւնները կը ճշդեն իւրաքանչիւր կուսակցութեան ժողովրդականութեան չափը իր շրջապատին մէջ` իբրեւ հանրանուէր կազմակերպութեան:

Քննութիւնը կարեւոր է` քաղաքական դաշնակիցներուն թէ հակառակորդներուն ցոյց տալու համար ընտրական մեր ուժը, որ տարիներու հետ չի մաշիր, չի տկարանար, այլ ընդհակառակն, կ’աճի ու կ’ամրանայ հակառակ ընտրական հրապարակին վրայ պարզուած մտահոգիչ երեւոյթներուն` անհաշիւ խոստումներու շռայլանքէն մինչեւ ընտրակաշառքներ, թեկնածուներու հասցէին կատարուած անձնական վիրաւորանքներէն մինչեւ քուէներու գնման քայլեր:

Քննութիւնը կարեւոր է նաեւ ցոյց տալու համար մեր ժողովուրդին հաւատքն ու կառչածութիւնը Լիբանանին եւ անոր ժողովրդավար ու խորհրդարանական կարգերուն: Անգամ մը եւս հաստատելու համար, որ մեր ժողովուրդը կը մնայ ջերմ պաշտպանը այն ազատութիւններուն, որոնց օրրան է այս երկիրը` իբրեւ խաղաղութեան երկիր, հանդուրժողութեան երկիր, համայնքներու գոյակցութեան եւ համերաշխ զարգացման երկիր:

Վերջապէս, քննութիւնը կարեւոր է, որպէսզի Դաշնակցութեան ընդդիմադիրներուն հասկնալի դառնայ, որ փորձութեան պահերուն, մեր ժողովուրդը իր առողջ բնազդով գիտէ՛ լաւը վատէն, օգտակարը վնասակարէն, ազգայինը ապազգայինէն զանազանելու, իր կապուածութիւնն ու գնահատանքը լաւագոյն ձեւով արտայայտելու ճի՛շդ ճամբան` ամուր կանգնելով այն կուսակցութեան կողքին, որուն հարազատութիւնը կը զգայ, որուն անշահախնդիր ու բոլորանուէր ծառայութիւնը կը գնահատէ, եւ որուն քաղաքական ուղղութիւնը ճիշդ կը գտնէ: Ա՛յն ուղղութիւնը, որուն կը հետեւի Դաշնակցութիւնը` Լիբանանի ներքին միասնականութեան եւ զարգացման համար իր հետեւողական աշխատանքով:

Մեր ժողովուրդը անցեալին պատուով դուրս եկած է իր ներկայացած քննութիւններէն: Ունեցած է փայլուն յաջողութիւններ ու նաեւ` անյաջողութիւններ, երբ ընտրական անարդար օրէնքներ արգելք եղած են իր թեկնածուներուն խորհրդարան մուտքին, բայց այդ պարագային եւս բան չէ պակսած այն յաղթանակէն, զոր հայութեան հարազատ թեկնածուները տարած են իրե՛նց ժողովուրդին մէջ եւ իրե՛նց ժողովուրդին միջոցով:

6 մայիսի քննութիւնը հարսանիք մը պիտի ըլլայ մեզի համար, ոչ միայն արդիւնքներէն ետք, այլ մանաւանդ` արդիւնքներէն առաջ: Ինքնավստահութիւնն ու խանդավառութիւնը պիտի համակեն բոլորը: Վաղը մեր ակումբները հանգիստ ու դադար պիտի չունենան: Հազարաւորներ իրենց քրտինքի բաժինը պիտի բերեն ապահովելու համար մեր ժողովուրդին յաղթանակը: Մեր քուէարկողները հեղեղի նման պիտի ողողեն քուէարկութեան կեդրոնները, եւ յաղթանակը պիտի ըլլայ մէ՛կ, բայց հաւասարապէս պիտի բաժնուի բոլորին` կուսակցականին եւ համակիրին, մեծին ու փոքրին:

Մեր ժողովուրդը, որմէ կը ստանանք մեր ուժն ու հեղինակութիւնը, վաղը պիտի քուէարկէ կարգապահ եւ խուռներամ շարքերով:

Մեր ժողովուրդը դարձեա՛լ պիտի ըլլայ մեզի հետ` իր գերագոյն շահերուն համար, իր ազգային գաղափարներուն յաղթանակին եւ քաղաքական ուղղութեան անշեղ պահպանման համար:

Մեր ժողովուրդը դարձեա՛լ պիտի ըլլայ մեզի հետ` իր վճիռը տալու Լիբանանի յառաջիկայ չորս տարիներուն համար:

Մեր ժողովուրդը, առողջ, իմաստո՛ւն ժողովուրդը դարձեա՛լ պիտի ըլլայ մեզի հետ` քուէարկելու համար Մեթնի մէջ` Յակոբ Բագրատունիին, իսկ Պէյրութի մէջ` Յակոբ Թերզեանին, Սերժ Չուխատարեանին եւ Աբրահամ Մաթոսեանին, անոնց անձերուն ընդմէջէն ողջունելով այն տրամադրութիւնը, այն ժողովուրդը, որ կ’ուզէ, որ այսպէս ըլլայ լիբանանահայութիւնը, կ’ուզէ, որ այսպէս ալ մնայ լիբանանահայութիւնը`

Մի՛շտ ամուր, մի՛շտ յաղթական` շնորհիւ իր հաւաքական կամքին եւ այդ կամքը ճիշդ ձեւով արտայայտող իր սիրելի կուսակցութեան:

 

 

Բամբասողներուն Եւ Կասկածողներուն Պատասխանը` Համաժողովրդային Ներկայութիւնը

$
0
0

ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Ընտրական մեծ միթինկէն ժամեր առաջ, շատեր կասկածով կը մօտենային այն յոյսը ունենալով, որ այս անգամ Դաշնակցութիւնը պիտի չկարենայ համախմբել լիբանանահայութիւնը:

Վերջին շաբաթներուն «նորոյթ» է Դաշնակցութիւն քարկոծելը, բամբասելը եւ զրպարտութիւններ կատարելը: Շատեր անբնական հաճոյք կը զգան, երբ կը տեսնեն ձախողութիւններ եւ վտանգներ, առանց գիտակցելու, որ Դաշնակցութեան հարուածելով նոյնինքն իրենց անձերուն եւ շրջապատին վնաս հասցուցած կ՛ըլլան:

Այո՛, շատեր գրաւ դրած էին, որ հայութիւնը պիտի չընդառաջէ կուսակցութեան կոչին, սակայն երէկուան մեծ միթինկը եկաւ շեշտելու, որ դրամով, բամբասանքով եւ դիմատետրի գրառումներով կարելի չէ շեղել լիբանանահայութեան կեցուածքները, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը, ինչպէս երէկ, այսօր եւ վաղն ալ եղած է եւ կը մնայ ժողովուրդին կողքին, իր կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ նպաստելով ընկերութեան զարգացման եւ խնդիրներուն հետապնդման:

Անոնք, որոնք պատկերը չտեսան, թող անպայման տեսնեն, «Զում ին» եւ «Զում աութ» թող ընեն, մէկ առ մէկ թող հաշուեն, որովհետեւ հոն միայն պիտի տեսնեն հպարտ, միակամ եւ նուիրեալ լիբանանահայութիւնը:

Վստահաբար շատեր պատկերը տեսնելով անգամ պիտի չկրնան ընդունիլ իրականութիւնը եւ պիտի փորձեն նոր պատճառաբանութիւններ գտնել, թէ մեծաթիւ ներկայութեան նպաստած է երգիչի մը ժողովրդականութիւնը, միւսին գրաւչութիւնը եւ նոյնիսկ նպաստաւոր կլիման: Անոնց համար կարեւորը այն է, որ յաջողութիւնը չվերագրուի Դաշնակցութեան:

Այսպիսիները պիտի խօսին, սակայն ժողովուրդին ձայնը, այս անգամ ալ գերազանցեց աղմուկներուն: Այո՛, Դաշնակցութիւնը այս փուլին արձանագրեց իր մեծագոյն յաղթանակը, որ մայիս 6-ին պիտի ամբողջանայ քուէատուփերուն մէջ` մեր վստահութեան քուէներով: Յաղթանակի հանդէս մը, որուն անխտիր բոլորս պիտի մասնակցինք:

 

 

Խմբագրական. Քուէն Ուժ Է

$
0
0

Ընտրարշաւի աշխատանքները աւարտած են: Հարցազրոյցներ, հաղորդագրութիւններ, յայտարարութիւններ, պաստառներ, ժողովրդային լսարաններ, հանրահաւաքներ` բազմաշերտ, լայնածաւալ եղանակներով լուսաբանումներ, ճառեր, ընտրական ծրագիրներ, բացատրողականներ եւ այդ բոլորին առօրեայ, միաժամանակեայ կշռոյթով մամուլի եւ քարոզչամիջոցներու արձագանգումներ այլեւս որեւէ տեղ չեն ձգած յաւելեալ իրազեկման, տեղեկացման: Պահը եկած է  լիբանանահայ համայնքի քաղաքական գործօնի ուժեղացման նպաստելու, համաժողովրդային մասնակցութիւնը առարկայացնելու համար ընդառաջ շարժելու մեկնարկը ազդարարելու:

Զուգահեռ` Ընտրական կեդրոնական մարմինի համակարգումով ՀՅԴ ընտրամեքենային լարումին, արտերկրի մեր համայնքներուն մէջ արտադրամասեր յառաջացնելու, նոր օրէնքի հիման վրայ արտերկրի լիբանանահայերը քուէատուփ ուղղորդելու աշխատանքներ. տակաւին, կամաւոր ընտրական բանակի զինուորագրեալներու հաւաքագրում, զօրաշարժ, վստահուած անձերու ընտրատեղամասերու տեղաբաշխում: Ընտրազանգուածի տարբեր ներկայացուցիչներու ցանկագրումներու վերջնականացում, նախօրօք կապերու հաստատում, լրացուցիչ ստուգումներ եւ նախապատրաստական աշխատանքներու ամբողջացում:

Դաշնակցութիւնը կատարած է իր քարոզարշաւը, պատրաստ վիճակի մէջ բերած ընտրամեքենան, զօրաշարժի ենթարկած իր ընտրական բանակը` հրամանատարութեամբ, ստորաբաժանումներով, կամաւորներով:

Երէկ ժողովրդային հաւաքը իր պատրաստակամութիւնը վերահաստատեց զանգուածային, նպատակաուղղուած քուէարկութեամբ վերահաստատելու լիբանանահայութեան քաղաքական ներկայութիւնը:

Համրանքը, թիւը, զանգուածային մասնակցութիւնը, այո՛, ուժի ցուցադրութիւն է: Սակայն այդ ուժի ցուցադրութիւնը կազմակերպուածութեան ամէնէն բարձր մակարդակով կատարելը, կրկնակի ուժի ամրագրում է: Իսկ ուժը այս պարագային ո՛չ բռնութիւն է, ո՛չ պարտադրում, ո՛չ ալ միակարծութիւն:

Ուժը գիտակցութիւն է` հայութեան ներկայացուածութիւնը խորհրդարանին մէջ ինքնուրոյն ու անկախ պահելու, կցորդի կարգավիճակը մերժելու, ոչ հայկական կեդրոններէ առաջնորդուիլը բացառելու: Ուժը հայկական իրաւունքներու եւ շահերու գերադասումն է, լիբանանեան հերթական ճգնաժամերուն կամրջումի եւ համադրումի դերակատարութիւն վերցնելը, լիբանանեան օրինականութիւնը առաջնային նկատելը, պետական բոլոր հաստատութիւններուն մէջ հայկական ներկայութիւն ապահովելը:

Քուէն ուժ է. ուժը միջոց` հայկական քաղաքական գործօնի դերակատարութիւնը փաստելու: Իսկ այդ ուժը մեր ժողովուրդն է: Այն ժողովուրդը, որ վաղը պիտի քուէարկէ լիբանանահայութիւնը ներկայացնող ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն:

Viewing all 12135 articles
Browse latest View live