Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12135 articles
Browse latest View live

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը. Քրիստոսի Յարութիւնը` Մարդուն Ազատագրումը Մեղքէն

$
0
0

Կորնթոսի նորադարձ քրիստոնեաներու մտքին մէջ շփոթ կար, անորոշութիւն կը տիրէր Քրիստոսի յարութեան մասին: Կորնթոսի նորահաստատ եկեղեցւոյ ուղղած իր առաջին նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալի մօտեցումը կ՛ըլլայ յստակ. Քրիստոսի յարութիւնը իրողութիւն է, որովհետեւ ան հիմնուած է ականատեսի վկայութիւններուն եւ Աւետարանի ուսուցումներուն վրայ: Ապա առաքեալը կ՛աւելցնէ, թէ` Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ, թաղուեցաւ եւ յարութիւն առաւ եւ, հետեւաբար, քրիստոնէական հաւատքը պիտի կորսնցնէր իր իմաստը, եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար (Ա. Կորնթ. 15): Յարութեան մասին առաքեալին տուած բացատրութիւններուն մէջ կարեւոր է ընդգծել հետեւեալ շեշտը, թէ` Քրիստոսի խաչելութեան, թաղման ու յարութեան դրդապատճառը մարդուն մեղքն է, եւ անոր նպատակը` մեղքին մաքրութիւնն է:

Սուրբգրային հասկացողութեամբ մեղանչել կը նշանակէ`

– Աստուծոյ օրէնքին նկատմամբ անհնազանդութիւն: Մեղքը աշխարհ մտաւ Ադամին ու Եւային անհնազանդութեան հետեւանքով (Ծնն. 3): Տասնաբանեայ պատուիրանները (Ելից 20) Հին կտակարանին մէջ Աստուծոյ հնազանդութեան հիմքը կը կազմէին եւ հետեւաբար անոնցմէ շեղում` մեղանչում էր Աստուծոյ դէմ:

– Բարոյական արժէքներու նկատմամբ անտարբերութիւն: Քրիստոս օրէնքի տառացի գործադրութենէն անդին, կարեւորութեամբ կը յիշեցնէ բարոյական մեղքին հետեւանքները:Տասնաբանեայ պատուիրաններուն ակնարկելով` Քրիստոս ըսաւ, թէ` ըսուած է պէտք չէ սպաննել, ես կ՛ըսեմ, ով որ իր եղբօր նկատմամբ բարկացոտ մօտեցում կ՛ունենայ, Աստուծոյ դատաստանին ենթակայ պիտի դառնայ (2 Կորնթ. 5. 21-22):

– Բարին մերժելու ու չարը ընդունելու, լոյսէն հեռանալու ու խաւարին մօտենալու, երկրաւոր ներկայութիւնը երկնային ներկայութեամբ փոխարինելու, այլ խօսքով` Աստուծմէ հեռանալու եւ իր անձին միայն դառնալու նախընտրութիւնը: Աստուածաշունչը լեցուն է նման դրուագներով (Ես. 41. 9, Սաղմ 94. 14, 2 Կորնթ. 4. 9, Եբր. 13. 5):

– Ճշմարտութեան կառչելու եւ ճիշդ կերպով մտածելու, խօսելու ու գործելու պարտաւորութեան թերացում: «Ով որ շիտակը գիտէ եւ չ՛ըներ` մեղք է, որ կը գործէ» (5.17), կ՛ըսէ Յակոբոս առաքեալ:

– Կարիքաւորին օգտակար հանդիսանալու թերացում: Յիշենք աղքատ Ղազարոսին կամ հարուստին առակները (Ղուկ. 16. 19-31, Ղուկ. 12. 16-21), եւ վերջին դատաստանին մասին Քրիստոսի կատարած ակնարկութիւնը` «անօթի էի` եւ չկերակրեցիք զիս, ծարաւ էի` եւ ջուր չտուիք, օտարական էի` եւ չընդունեցիք զիս, մերկ էի` եւ չհագուեցուցիք, հիւանդ էի եւ բանտի մէջ` եւ սակայն այցի չեկաք ինծի…ե (Մար. 25. 42-43):

– Աստուծոյ կամքին ենթարկուելու մերժում եւ ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ կեանք: Քրիստոսի մեզի ուսուցած աղօթքին մէջ կ՛ըսենք` «քու կամքդ թող ըլլայ»:

– Հաւատքը գործի վերածելու յանձնառութեան թերացում: Հաւատքը առանց գործի իր իմաստը կը կորսնցնէ (2. 17), ինչպէս կը յիշեցնէ Յակոբոս առաքեալ:

Այս ընդհանուր ակնարկը մեղքի իմաստին ու մեղանչելու հետեւանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ խմբագրուած «զղջում»-ը` հաղորդութենէն առաջ կարդացուող, յստակօրէն ցոյց կու տան, թէ` մեղքը հեռացում է Աստուծմէ. իսկ Աստուծմէ հեռացումը մահն է մարդուն:

Աստուծոյ Որդին մեղքին տիրապետութեան ենթակայ մարդը ազատագրելու համար աշխարհ եկաւ: Ան մեղաւոր մարդը Աստուծոյ որդեգիր դարձնելու եւ իր երկնաւոր Հօր մօտեցնելու համար մարդացաւ: Արդարեւ, մարդուն մեղքին մաքրագործումը աստուածային միջամտութեամբ այնքան տիրական է քրիստոնէական մտածողութեան մէջ, որ եկեղեցւոյ հայրերէն Սուրբ Աթանաս Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացման նպատակը բնութագրած է իբրեւ մարդուն աստուածացումը` բնականաբար ոչ ըստ էութեան, այլ աստուածային շնորհներու ստացումով:

Քրիստոսի յարութիւնը մարդուն մեղքը սրբելու եւ զինք երկրէն երկինք ուղղելու աստուածային փրկագործական առաքելութեան կատարելումն է: Մեղքի մաքրութիւնը մարդուն մէջ աստուածային անկեալ պատկերին վերականգնումն է: Մեղքին մաքրութիւնը Աստուծոյ վերստին գործակից ըլլալու երկնային պարգեւի տուչութիւնն է մարդուն: Քրիստոսի յարութիւնը աստուածատուր ու աստուածակեդրոն կեանքի վերահաստատումն է` մարդակեդրոն ու մարդանպատակ կեանքին վրայ տարուած յաղթանակով: Ահա թէ ինչու այնքան բնորոշիչ է Պօղոս առաքեալի խօսքը, թէ` առանց Քրիստոսի յարութեան մեր հաւատքը պիտի կորսնցնէր իր իմաստը:

Վերջերս ընթերցումներուս ընթացքին ժողովրդային մօտեցումով խմբագրուած, սակայն իմաստալից երկխօսութեան մը հանդիպեցայ հիւանդի մը եւ Քրիստոսի միջեւ: Հիւանդը մօտենալով Քրիստոսի կ՛ըսէ.- փառք Աստուծոյ ամէն ինչ ունիմ, Տէր իմ. ի՞նչ կ՛ուզես, դրա՞մ, պալա՞տ, ինքնաշա՞րժ, պատրաստ եմ տալու քեզի, միայն բժշկէ զիս…: Քրիստոս կը պատասխանէ.- ինծի միայն քու մեղքերդ տուր, որ մաքրեմ ու բժշկեմ քեզ…: Մեր մեղքերուն համար իր արիւնը թափած Քրիստոս պատրաստ է մեր մեղքերը սրբելու, մեզ շրջապատող չարիքներուն յաղթելու, եթէ մենք պատրաստ ենք մօտենալու յարուցեալ Քրիստոսին: Որքան կարիքը ունինք մեր մեղքերէն մաքրուելու` Քրիստոսի միջամտութեամբ…:

Պահ մը դիտենք մեր շրջապատը: Ներկայ աշխարհը որքա՛ն ապականած է տեսանելի ու անտեսանելի բազմազան ու այլազան մեղքերով, որոնց կամայ թէ ակամայ ենթակայ են մեր անձերը, մեր ընտանիքներն ու մեր միջավայրը: Առանց մեր մեղքերէն մեզ ազատագրելու համար աշխարհ եկած ու անոր համար խաչուած, թաղուած ու յարութիւն առած Քրիստոսի կենդանի ու կենդանարար ներկայութեան, պիտի մնանք թաղուած մեղքերու տիղմին մէջ:

Քրիստոսի յարութեան տօնը հրաւէր մըն է ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան: Քրիստոսի յարութեան տօնը յիշեցում մըն է դառնալու յարուցեալ Քրիստոսին` մաքրուելու մեր մեղքերէն, ազատագրուելու մեր անձերու տիրապետութենէն ու վերանորոգուելու Քրիստոսի հրաշազօր յարութեամբ: Յարութեան տօնը արթնութեան ու զգաստութեան կոչ մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրին` մեծահարուստ երիտասարդին ուղղած Քրիստոսի պատգամը լսելու.- «ետեւէս եկուր»…: Քրիստոսի ետեւէն երթալ կը նշանակէ մեղքերէ հեռու մնալ: Քրիստոսի ետեւէն երթալ կը նշանակէ երկնային շնորհքին արժանանալ ու յաւիտենական կեանքը ժառանգել:

*
*   *

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնին առիթով, հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ նորին վսեմութիւն Սերժ Սարգսեանը` մաղթելով իրեն առողջութիւն եւ արդիւնաշատ ծառայութիւն` ի սպաս մեր սիրելի հայրենիքին: Հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Բակօ Սահակեան` մաղթելով նորանոր իրագործումներով լեցուն ծառայութիւն Արցախի մեր ժողովուրդին:

Եղբայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը` մաղթելով եկեղեցաշէն իրագործումներով երկար գահակալութիւն: Կ՛ողջունենք նաեւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ արք. Մութաֆեանը` մաղթելով իրենց բեղմնաւոր ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ:

Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգային իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` հայցելով Աստուծմէ, որ մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակները յարուցեալ Փրկչին յաղթանակով զօրացած ապրին իրենց կեանքը` հաստատ մնալով իրենց քրիստոնէական հաւատքին մէջ, եւ հաւատարիմ` մեր ազգին հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Ս. Զատիկ
1 Ապրիլ 2018
Անթիլիաս, Լիբանան

 


ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը. Մեր Հաւատքը Հիմնուած Է Յարութեան Տիեզերանորոգ Հրաշքի Վրայ

$
0
0

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն:

«Ե՛ս եմ յարութիւն եւ կեանք. որ հաւատայ յԻս, թէպէտ եւ մեռանի` կեցցէ՛»
(Յովհ.11. 25-26):

Սիրելի՛ բարեպաշտ հաւատացեալներ,

Քրիստոսի Ս. Յարութեան հրաշազարդ տօնին ուրախութիւնն ու խնդութիւնը մեր հոգիներում` ձայնակից ենք հրեշտակներին` փոխանցելով միմեանց «Քրիստոս յարեաւ» կենարար աւետիսը: Թափուր է Տիրոջ գերեզմանը, յայտնուած է Նրա աստուածային զօրութիւնը, եւ իրական է մահուան պարտութիւնն ու կեանքի յաղթանակը: Այսօր յարութիւն առած Քրիստոս Իր բոլոր հետեւորդներին բերում է յաւիտենական կեանքի բերկրալի խոստումը. «Ես իսկ եմ յարութիւն եւ կեանք. ով հաւատում է Ինձ, թէպէտ եւ մեռնի, կ՛ապրի»:

Քրիստոսի յարութեան  ողջոյնը փոխանցելով, մենք, սիրելիներ, հաստատում ենք մեր հաւատքը, որը հիմնուած է յարութեան տիեզերանորոգ հրաշքի վրայ: Հաւատում ենք, որ Քրիստոսի յարութեամբ անմահութեան ու յաւիտենական կեանքի արշալոյսը ցրել է կորստաբեր մեղքի խաւարը: Հաւատում ենք, որ մահուան առաջ անզօր մարդկային կեանքը վերափոխւում է երկնային զօրութեամբ, ժամանակաւորը վերածւում է յաւիտենական գոյութեան: Հաւատում ենք, որ Փրկչին ու Նրա անմահութեան շնորհին հաղորդակցումը նորոգում է կեանքը, խաչերը դարձնում ծաղկեալ, գողգոթաները` յաղթութեան բարձունքներ: Հաւատում ենք, այո՛, որ մարդկային մեր տկար ուժերին ընդառաջ եկող Աստուծոյ Սուրբ Հոգին լուսաւորում է մեր հոգեւոր տեսողութիւնը եւ զօրացնում մեզ` ընթանալու մեղքից դէպի առաքինութիւն, ընթանալու դէպի մեր Տէրը, որպէսզի Նրա հետ կեանք ունենանք եւ ժառանգակից լինենք երկնային արքայութեանը:

Հաւատալ Քրիստոսի յարութեանը նշանակում է Սիմոն Կիւրենացու պէս անտրտունջ Քրիստոսի խաչը կրել կեանքի յաղթանակի աներկբայ վստահութեամբ, Յովսէփ Արիմաթացու նման բարեգործութիւններ կատարել, իւղաբեր կանանց նման հաւատքն ու հաւատարմութիւնը պահպանել եւ Քրիստոսի յարութեան ուրախութիւնը սփռել, առաքեալների պէս աշխարհը Քրիստոսի յարութեան լոյսով լուսաւորել: Այսպէս միայն կարելի է արժանանալ Փրկչի խոստմանը` հաւատքի զօրութեամբ մահուան իշխանութիւնը թօթափելու եւ յաւիտեան ապրելու:

Սիրելի՛ բարեպաշտ ժողովուրդ, Քրիստոսի յարութեան հրաշազարդ իրողութիւնը մարդու եւ աշխարհի փրկութեան միջոցն է, աստուածային անսահման սիրոյ ու հոգածութեան վկայութիւնը, նեղութիւնների ու դժուարութիւնների յաղթահարման զօրութիւնը: Թովմասի նման երկմտող աշխարհին յարուցեալ Քրիստոս ցոյց է տալիս Իր վէրքերը, որպէսզի բուժուեն պատերազմների ու աղէտների պատճառած վէրքերն աշխարհի: Ցոյց է տալիս Իր չարչարանքների հետքերը, որպէսզի դադարեն մարդկային հոգու տառապանքները, լռեն ատելութեան ձայները, մերժուեն կործանարար ուղիները, որպէսզի գալիքի հանդէպ վստահութիւն փնտռող մարդկութիւնը ընդունի Փրկչի յարութեան զօրութիւնը` առաքեալի պէս բացականչելով` Տէր իմ եւ Աստուած իմ (Յովհ. 20. 28):

Աստուածատուր այդ զօրութեամբ ու շնորհով է յարատեւել մեր ժողովուրդը`

պատմութեան մէջ դիմակայելով դառը հարուածների ու կերտելով իր ձեռքբերումները: Քրիստոսով, յարութեան ու փրկութեան հաւատքով մենք վեր յառնեցինք մեր խաչելութիւններից, վերահաստատեցինք մեր պետականութիւնը, ձեռնամուխ եղանք նեղութիւնները թօթափելուն,  մեր իրաւունքների պաշտպանութեանը եւ առաւել բարօր գալիքի կերտմանը: Մեր ժողովրդի առաջընթացը, մեր պետութեան հզօրացումը եւ ի սփիւռս աշխարհի մեր կեանքի պայծառութիւնը պայմանաւորուած են իւրաքանչիւրիս մէջ Քրիստոսի ներկայութեամբ, Նրա յարութեան զօրութեան ներգործութեամբ եւ մեր արժանաւորութեամբ Փրկչի խոստմանը. «Ես իսկ եմ յարութիւն եւ կեանք. ով հաւատում է Ինձ, թէպէտ եւ մեռնի, կ՛ապրի»:

Սիրելի՛ հաւատաւոր զաւակներ մեր, շարունակենք ապրել ու գործել Քրիստոսի հետ: Մեր ընտանիքներում խնամենք ու վառ պահենք հաւատքի լոյսը, հասարակական ու ազգային մեր կեանքում հաստատուն պահենք միմեանց հանդէպ հոգածութիւնն ու զօրակցութիւնը, սէրն ու միասնութիւնը: Շարունակենք ապրել հաւատքով, որպէսզի այսօր հնչող «Քրիստոս յարեաւ» աւետիսը զօրացնի մեզ ապագայի հանդէպ լաւատեսութեամբ ու վստահութեամբ, կամքով ու կորովով` հակառակ ամէն արգելքի ու նեղութեան, ջանք թափելու, ստեղծելու, հոգալու, որ իրագործենք առաջընթացի մեր նպատակները, հայրենաշէն մեր ծրագրերն ու ազգային իղձերը: Թող մեր սրտերը քաջալերուեն այսօր մեզ յայտնուող յարուցեալ Տիրոջմով` սիրով եւ միասնութեամբ ընթանալու ազատ նոր կեանքի մեր ուղին` միշտ հաւատարիմ մնալով մեր Տիրոջ պատուիրաններին եւ հաստատուն պահելով մեր ընթացքը դէպի յաւիտենութիւն:

Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեան բերկրալի աւետիսով ողջոյն ենք բերում ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին, Երուսաղէմի հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանին: Աղօթում ենք հիւանդութեան մահճում գտնուող ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեան պատրիարքի համար: Ի Քրիստոս սիրով ողջունում ենք քոյր եկեղեցիների հոգեւոր պետերին եւ նրանց հաւատաւոր հօտին: Հայրապետական օրհնութեամբ ողջունում ենք սրբազան պատարագի արարողութեանը ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ տիար Սերժ Սարգսեանին` Առաջին տիկնոջ հետ, ընտրեալ Նախագահ Տիար Արմէն Սարգսեանին, ողջոյն ենք յղում Արցախի Հանրապետութեան նախագահ տիար Բակօ Սահակեանին, հայոց պետական աւագանուն, Հայաստանում հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւնների ներկայացուցիչներին: Հայրապետական մեր սէրն ու օրհնութիւնն ենք բերում մեր սուրբ եկեղեցու ողջ հոգեւոր դասին եւ հաւատաւոր մեր ժողովրդին` ի հայրենիս եւ ի սփիւռս:

Աղօթում ենք առ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, որ մեր հայրենիքում ու ողջ աշխարհում մշտապէս սփռուած մնան Իր յարութեան կենարար պարգեւները, խաղաղութիւնը հաստատուի աշխարհում, մարդկանց սրտերում, մեր երկրի սահմաններում: Հայցում ենք, որ Փրկչի յարութեան շնորհներով զօրացած` մեր զաւակների ամէն գործ զարթօնք ու լուսաւորութիւն բերի ազգային մեր կեանքին, եւ աստուածաշնորհ պարգեւները հովանի լինեն մեր ժողովրդին` այսօր եւ միշտ ցնծութեամբ աւետելու.

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

Խմբագրական. Շփման Գիծ Կամ Փաստացի Սահմաններ. Միջազգային Ամրագրման Նախադրեալներ

$
0
0

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն երկու տարի անց այսօրուան իրավիճակին մասին որոշ երեւոյթներու ընդգծումներ կարելի է կատարել։ Ապրիլեան պատերազմը ըստ էութեան զերօ կէտ վերադարձուց արցախեան բանակցային գործընթացը։ Նման յարձակողապաշտութիւն դրսեւորելով եւ իր առջեւ դրած ռազմական առաջադրանքը իրականացնել չկարենալով Պաքուն այս ձեւով նուազ արձանագրեց նաեւ դիւանագիտական հարթութեան վրայ։

Բանակցութիւններու թեման թէ՛ Վիեննայի, թէ՛ Փեթերզպուրկի եւ թէ՛ Ժընեւի մէջ ըստ էութեան կազմեցին ոչ թէ հակամարտութեան լուծման տարբերակային մօտեցումները, այլ հրադադարի ամրակայման որդեգրելի մեքենականութիւններու ճշդումը։ Մշտադիտարկում, հետաքննութիւն եւ նաեւ այդ բոլորին համար ԵԱՀԿ-ի անձնական ներկայացուցիչի լիազօրութիւններու ընդլայնման հրամայականը։

Բանակցութեան փիլիսոփայութիւնը հիմնովին եւ կտրուկ շրջադարձ ըրաւ այս ձեւով։ Պաքուն խորքին մէջ ներքաշուած է իր լարած ծուղակին մէջ։ Նման բանակցային նիւթերու ճշդում միջնորդական առաքելութեան կողմէ, թէեւ առանց հասցէականութեան, ըստ էութեան սակայն թիրախաւորած են Պաքուի ռազմաքաղաքական համակարգը։ Հրադադար խախտողին, ներթափանցման գործողութիւն իրականացնողին եւ արձակազէններու գործողութիւններու շարք հրամցնող կողմին ուղղուած են այս բոլոր միջոցներու որդեգրման որոշումները։

Միջնորդական առաքելութիւնը անվերջ կը խօսի ազրպէյճանաարցախեան շփման գիծը արդիական գործիքակազմով յագեցնելու մասին, նախ յայտնաբերելու համար յարձակողապաշտ նախաձեռնողականութիւն ցոյց տուողը, ապա նաեւ հետաքննելու այդ կողմը։ Այս տրամաբանութեամբ ալ կը հետեւի երրորդ հրամայականի շեշտումը` ընդլայնել ԵԱՀկ-ի ներկայացուցիչին լիազօրութիւնները, դիտորդներու թիւի բազմապատկումով եւ շփման գիծը վերահսկելի դարձնելու ուղղութեամբ։ Վիեննայէն Ժընեւ, անցնելով Փեթերսպուրկէն` այս գիծն է, որ կարմիր թելի նման կը շեշտէ միջնորդական առաքելութիւնը, որուն կողմ է Երեւանը եւ յայտնաբար իր արգելակիչ պահուածքով դէմ է Պաքուն։

Հայկական կողմը, չէզոքացնելով  ապրիլեան մեծածաւալ պատերազմի նախադրեալները, յաջողեցաւ դիւանագիտական հարթութեան վրայ համատեղել հայկական եւ միջազգային պահանջները ներկայ պահուն։ Մինչ Ազրպէյճանի նախագահը աւելի խորացուց իր ներքաշումը իր իսկ լարած ծուղակին մէջ, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ տարածքային տիրացման նկրտումներ դրսեւորեց ձեւով զառանցումային , էութեամբ` ներքին շուկայի համար գրաւիչ  արտադրութիւն սպասարկելով։ Ազրպէյճանի բարձրագոյն դիրքերէն կատարուած այս յայտարարութիւնը հզօր հարուած էր բանակցային գործընթացի փոխզիջումային տրամաբանութեան` ակներեւ ո՛չ միայն հայկական կողմին, այլեւ միջազգային ընտանիքին։ Համոզելով բոլորը, որ յարձակողապաշտին, ո՛չ միայն արցախեան, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ուղղութիւններով տարածքներու գրաւման ծրագիրներ բարձրաձայնող, իր ժողովուրդին մէջ հայատեացութեան գաղափարախօսութիւն տարածող կողմին նկատմամբ միայն զսպիչ-պատժիչ գործողութիւններու ընտրանք կը պարտադրուի այս ձեւով։ Իսկ միջազգային ընտանիքին համար հրամայական կը դառնայ շփման գիծի վերահսկողութիւնը՝ այդ ձեւով կանխարգիլելու համար Պաքուի կողմէ հրապարակուող ծրագիրները։

Այս բոլորին մէջ հայկական կողմի եւ միջազգային ընտանիքի մօտեցումներուն միջեւ կ՛ընդգծուի մօտեցումներու համատեղելիութեամբ նկատուող այլ իրականութիւն մը։ Շփման գիծը, որուն երկայնքին գործիքակազմ, մշտադիտարկում, հետաքննութիւն եւ յագեցած արհեստագիտութիւն կ՛ուզէ տեղադրել եւ համապատասխան վերահսկող գործողութիւններ իրականացնել ԵԱՀԿ-ը, ըստ էութեան այսօրուան փաստացի սահմաններն են։ Այդ փաստացի սահմաններուն միջազգային ամրագրման կը միտին միջնորդական առաքելութեան կողմէ իբրեւ հրամայական շեշտուող իրականանալի գործողութիւնները։

 

Տոքթ. Սօսի Անթիքաճեանի Գիրքը

$
0
0

«ԺԱՄԱՆԱԿ»

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՛ըլլանք, որ մեր համայնքի յայտնի մտաւորականներէն Սօսի Անթիքաճեանին գիրքը այս օրերուն լոյս տեսած է «Իլեթիշիմ» հրատարակչութենէն: «Կեչմիշիմտէն սեսլեր վէ ռենքլեր» խորագրեալ այս գիրքին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ իր ընտանիքին շուրջ 150 տարուան պատմութիւնն ու յիշողութիւնը:

Պողազիչի համալսարանի դասախօս, լեզուաբան Սօսի Անթիքաճեանը դուստրն է «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթի երբեմնի առանցքային ու երախտաշատ աշխատակիցներէն Արա Ակինեանի: Նկատի ունենալով, որ իր ընտանեկան յուշերուն մէջ այդ երեսակը կարեւոր բաժին մը կը բնորոշէ, ան այս առաւօտ բարի եղաւ հեռաձայնով մեզի տեղեկացնելու, որ «Իլեթիշիմ» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է այս գործը: Գիրքին հրատարակութիւնը տակաւին այնքան նոր է, որ հրատարակչութիւնը նոյնիսկ չէ սկսած ցրուելու: Որպէս հեղինակի` Սօսի Անթիքաճեանին հասած է օրինակ մը, եւ ան ալ անմիջապէս փափաքած էր տեղեակ պահել մեզ: Տակաւին գիրքը չենք շօշափած, սակայն կողքի արձանագրութիւնները կու տան տարրական պատկերացում մը: Սօսի Անթիքաճեանի կեանքի պատմութեան մէջ անշուշտ կայ «հայ ըլլալու» հանգամանքը` Խրիմի վերաբերեալ յիշողութիւններով: Ան տոհմածառի ճիւղերուն վրայ պտոյտ մը կը կատարէ` ներկայացնելով Թուրքիոյ մէջ հայոց մնացորդացի շրջանային ու դասակարգային զանազանութիւններէն կտրուածքներով: Հեղինակը 1940-ականներէն մինչեւ այսօր կը ներկայացնէ իր ընտանիքին պատմութիւնը` ընթացքին հասնելով մինչեւ 1910-ական թուականները եւ աւելի վաղ ժամանակաշրջաններ: Իր գիրքին մէջ զգալի են Թուրքիոյ զանազան ժամանակաշրջաններու ոգին ու մթնոլորտը: Սօսի Անթիքաճեանին յուշերը զուգորդուած են փորձառութիւններով ու դիտարկումներով: Սա ընտանիքի մը ոդիսականն է` սկսելով Անատոլուէն, Թրակիայէն եւ Պոլիսէն, մինչեւ Շիշլի, Մեծ կղզի եւ Պողազիչի համալսարան:

Տոքթ. Սօսի Անթիքաճեանին գիրքը ատեն-ատեն յուզումի ալ դուռ կը բանայ յաչս ընթերցողին, սակայն երբեք չի հրաժարիր երջանիկ ըլլալու ջանքերէն: Ան այդ բոլորը պատմած է նուրբ ձեւով, լեզուական վարպետութիւններով, որոնք կեանքի իր պատմութիւնը եզակի կը դարձնեն բոլոր անոնց համար, որոնք կը ջանան հետաքրքրութիւն եւ սէր դրսեւորել:

Սօսի Անթիքաճեանը նշած է, որ իր անմիջական շրջանակին հետ թէեւ հարց մը չէ ունեցած, սակայն փողոցի շարքային մարդոցմէ եւ լրատուամիջոցներէ յաճախ լսած է խօսքեր, որոնք կը վարկաբեկեն հայերը: Եւ այդ բոլորը կը շարունակէ լսել: «Երկրագունդի վրայ իբրեւ միակ հայրենիք գիտեմ այս երկիրը, ուր դիւրին չէ ապրիլ որպէս փոքրամասնութիւն մը, որուն անունը յաճախ կ՛օգտագործուի որպէս հայհոյանք, եւ որ երբեմն ալ կ՛ընկալուի իբրեւ թշնամի», նշած է Սօսի Անթիքաճեանը եւ` ընդգծած, որ զանազան երկիրներ ու քաղաքներ տեսնելը որքան որ ալ հաճելի ըլլայ իրեն համար,  ինք երբեք չէ փափաքած Պոլիսէն դուրս տեղ մը ապրիլ:

Չորեքշաբթի, 7 մարտ  2018

Ուխտի Ճանապարհներ. Արամ Մանուկեանի Գերեզմանը

$
0
0

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Օրերս համայն հայութիւնը ցնծութեամբ տեղեկացաւ մեր հայրենիքի հանրապետութեան կերտիչի վերարժեւորման նախագիծի վաւերացման` երկար սպասուած յուշարձան մը տեղադրելու լուրին մասին, հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ այս տարի կը լրանայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակը եւ Արամ Մանուկեանի ներդրած նշանակալի աւանդը պետականութեան գործին մէջ ու ծաւալած գործունէութիւնը: Արամի արձանին արժանի տեղ չէ յատկացուած Երեւանի մէջ, թէեւ ան արժանի է Հանրապետութեան հրապարակը տեղադրուելու, սակայն, ոչինչ, Արամի ոգին յաւիտեան է: Արամը անմահ է` արձանով կամ առանց արձանի:

Ցնցիչ այս լուրը ինծի յիշեցուց մօտ քառասուն տարի առաջ յղացած միտքս, երբ Խորհրդային Միութեան մէջ, գիտաժողովի մը մասնակցելու առիթով քանի մը օրուան համար մինակս հայրենիք երթալու այցագիր ստացայ: Հոն ունէի հարազատ հօրեղբայրս ու իր ընտանիքը, որոնց երբեք չէի տեսած:

Նախապէս կատարած դիմումնագրիս վերոնշեալ դրական պատասխանին վերաբերեալ մտերիմ պատասխանատուներս տեղեակ էին իմ ոդիսականին մասին. Ա. Համաշխարհային պատերազմին պապենական բնօրրանը` Վապուրականը այլոց հետ լքած պապս ընտանեօք պարտադրաբար գաղթած  էր Արեւելահայաստան: Կայսերական Ռուսիոյ բանակի ժամանակաւոր նահանջին պատճառով եւ այդ շրջաններու վերագրաւմամբ, հօրս երէց որդին եւ հայրս ամառը վերադարձած էին տունը վերականգնելու: Դէպքերը, սակայն, տարբեր ընթացք առած են. լենինեան յեղաշրջման պատճառով եւ զինուժի դասալքումով կրկին ստիպողաբար լքումի դիմած են: Գաղթականները փորձած են վերադառնալ Պարսկաստանի վրայով, բայց  դաշնակից զօրքերուն հանդիպելով` պարտադրուած են գաղթել օտար հորիզոններ: Այդպէս, գաղթաշխարհի մէջ մեր ընտանիքը հեռու մնացած էր կարօտով լի մեծ մօրս ու հօրեղբօրս ընտանիքէն:

Հօրեղբօրս հետ հանդիպման առաջին օրէն իսկ փափաք յայտնեցի մամիկիս գերեզմանը այցելել: Առ այդ, առիթէն օգտուելով` ըսի. «Թերեւս տարօրինակ թուի քեզի, սակայն յատկապէս կը սիրեմ այցելել մեծերուն շիրիմները: Շատ անգամ հասած եմ խուլ վայրեր` տեսնելու համար մեծ մարդոց, բանաստեղծներու, փիլիսոփաներու, երաժիշտներու շիրիմները»: Յղացած մտքիս ճամբայ բանալով` հետաքրքրուեցայ Վանի հերոսամարտի ղեկավար Արամի գերեզմանով: Ան գրեթէ շշուկով յայտնեց, թէ լսած էր, որ Արամը օրին պետութեան ծախսերով եւ կաթողիկոսական արարողակարգով յուղարկաւորուած էր Երեւանի քաղաքային գերեզմանատան մէջ, բայց 1920-ականներուն վերջը գերեզմանատան վերացման պատճառով տեղեակ չէր, թէ փոխադրուա՞ծ է այլ տեղ, թէ՞ ոչ:

Տարիներ վերջ տեղ մը պատահմամբ կը կարդայի, որ Արամի աճիւնը տեղափոխուած էր Երեւանի Կոզեռնի հին գերեզմանոց, որ նմանապէս վերացուած էր: Ինծի համար առեղծուած մնաց այս հարցը` մինչեւ հայրենիքի վերանկախացումը, երբ շարունակելով հետաքրքրութիւններս` տեղեկացայ, որ մեծ հայրենասէրին կողակիցը 1932-ին աներեւակայելի դժուարութիւններով ու գաղտնիութեան պայմաններու մէջ կրկին կրցած էր կազմակերպել Արամի աճիւնի վերաթաղումը`  Թոխմախի կեդրոնական գերեզմանոց:

Երկարամեայ երազանքս իրականացաւ, երբ առաջին առիթով շրջապտոյտով այցելեցի ազատ եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ այցի գացի մայրաքաղաքի կեդրոնական գերեզմանատունը` Թոխմախի գետափին: Վերջապէս յայտնաբերուած գերեզմանին դիմաց իմ գաղափարի երդումս կրկնեցի: Աւելցնեմ, որ այցէս առաջ իմացայ, որ հանգուցեալ հօրեղբայրս արդէն ինձմէ առաջ, վերանկախացման առաջին օրերուն, այցի գացած ու խնկարկած էր եւ իմ անունով յատուկ ծաղկեփունջ զետեղած է խաչքարով կոթողուած Արամի գերեզմանին:

 

 

 

Դիմաւորել 100-Ամեակը 12. Ինչո՞ւ Եւ Ինչպէ՞ս Յաղթանակ Տանիլ Մենք Մեզի Դէմ

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Մեծնալու եւ ազնուական դառնալու համար նիւթականէն անդին գտնուող արժէքները հարկ է բերել մեր կեանքին մէջ: Ցուցադրուող պերճ բնակարանը, դրամատան մէջ քնացող գումարները, աչք շլացնող ոսկին եւ հագուստը արտաքին շպարներ են: Այնքան փորձութիւններէ անցած մեր ժողովուրդը հաւաքական ծառայութեան եւ յաջողութեան մէջ պէտք է վերագտնէ իր ներքին միութիւնը եւ ամրութիւնը, որպէսզի տոկայ, տեւէ եւ մնայ որպէս ինքնուրոյն ազգ:

Յոբելեան պիտի տօնենք: Անցեալի գեղեցիկ կամ ցաւագին յուշերը մեզի պէտք է թելադրեն դիտել մեր ներկան, որպէսզի ապագայի սերունդները մեզ չդատապարտեն մեր սխալներուն եւ ապիկարութիւններուն համար: Այսօ՛ր կը պատրաստենք անոնց վաղուան օրը, պատասխանատու ենք անոնց պաշտպանութեան եւ բարօրութեան: Սերունդի եւ` ոչ միայն անհատականի: Մեր իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւնը գրաւականն է ապագային, լաւը եւ վատը, յաջողը եւ ձախողը:

Դուրսէն եւ հեռուէն դիտողի դատումը կտրատուած կ’ըլլայ, ենթակայական: Երկիր մը եւ անոր ժողովուրդը ապրող իրականութիւններ են, լոյս եւ ստուեր, որոնց մասին կրնան վկայել անոնք, որոնք ներկայ են, երջանիկ կամ տառապող դերակատար: Բեմերէ ըսուած խօսքերը, դրական կամ բացասական, ընդհանրապէս կը վարագուրեն ճշմարտութիւնը: Այս ձեւով կը նենգափոխուին հին եւ նոր իրականութիւնները, պատճառ կ’ըլլան հանրային կարծիքի խարխափումներուն: Ոչ միայն հանրային կարծիքի, այլ նաեւ` վերնախաւի, էսթեպլիշմընթի:

Ազնիւ, անշահախնդիր, աղմուկէ խորշող մտաւորական է հայրենի գրող Ալիս Յովհաննիսեանը: 2017-ին Երեւան լոյս տեսած իր «Լենինական Կումայրի Գիւմրի» գիրքին մէջ, մարդակային կացութիւններու, ճակատագիրներու, բարութիւններու եւ տգեղութիւններու նկարագրութիւններ կան, ժողովուրդի մը առօրեային եւ հոգեկան աշխարհին պատկերները: Բայց նաեւ` այդ բոլորը ամփոփող նշդրակով արձանագրուած դատումներ, որոնք կը խօսին այսօրուան եւ վաղուան մեզ սպասող կեանքին մասին:

Այսօր կը խօսինք հարիւրամեակի մասին, բայց ինչո՞ւ չտեսնել յաջորդ հարիւրամեակը, որ մեր առջեւն է: Ալիս Յովհաննիսեանի էջերը ինչո՞ւ մեզ պիտի չմղեն մտածելու մեզմով սկսող յաջորդ հարիւրամեակի մասին: Հրավառութիւն, արհեստական լոյսեր, յորդող սեղաններ եւ բաժակաճառեր ինքնախաբէութիւն են, բիրտ իրականութեան վրայ շղարշ կը նետեն: Ալիս Յովհաննիսեանը կը պատռէ շղարշը, որմէ ետք պէտք է սկսի պատասխանատուութեան եւ վերականգնումի ժամանակը:

«Մի՞թէ չգիտեմ, որ Գիւմրին Հայաստան մարմնի հաշմուած մի անդամն է, չգիտեմ, որ ոչ թէ վերածննդի, այլ վերակենդանացման մէջ է գտնւում, ինչպէս ամբողջ Հայաստանն ու Արցախը, չգիտե՞մ, որ Գիւմրին գործազուրկների քաղաք է, ինչպէս ամբողջ Հայաստանն է գործազուրկների երկիր» (էջ 59):

Գործազուրկներու երկրին մէջ ո՞վ եւ ինչո՞ւ պիտի հետաքրքրուի հարիւրամեակով մը, որուն մէջ ինք չկայ: Պատահած է, որ լսէք, անկախութեան տօնին, երբ շքերթ կայ քաղաքին կեդրոնը, բայց քիչ անդին,  բաց կրպակին մէջ նստած մարդը, որ չէ հետաքրքրուած, քանի որ չի յաջողիր իր ընտանիքը պահել, մինչ ուրիշներ ճոխութեան մէջ կ’ապրին… կողոպտելով: Անկախութիւնը կը պաշտպանուի ոչ միայն զէնքով, այլ նաեւ` արդարութեամբ, օրէնքով, մարդկային յարաբերութիւններով, որակով եւ արժէքներով: Կողոպուտը, կաշառակերութիւնը, անաշխատ հարստացումը, գողութիւնը հակաարժէքներ են եւ կը փտեցնեն գաղափարը, ազնուութիւնը: Ալիս Յովհաննիսեանը իր գիրքին մէջ կը նկարագրէ այն, որ պէտք չէր ըլլար եւ պէտք չէ ըլլայ, որպէսզի գաղափարները ապրին, անկախութեան գաղափարը ապրի, եւ ժողովուրդը անոր տէր ըլլայ: Կը գրէ.

«Մէկին անծայր վշտից դուրս բերելու հնարներ միշտ էլ կարող է գտնել, եթէ փորձի: Իւրաքանչիւրին պէտք է զբաղեցնել ըստ իր հակումների, նախասիրութիւնների, աշխատասէրին աշխատանք տալ, բնածին լիդերին` (առաջնորդին, Յ. Պ.) աշխատանք կազմակերպելու հնարաւորութիւն» (էջ 105):

Եթէ բնակչութեան չնչին տոկոսը կրնայ արագօրէն հարստանալ, ապարանքներու եւ դրամի տէր դառնալ, կը նշանակէ, որ սպառող կայ, եւ երկրին մէջ դրամ կայ: Ինչո՞ւ ապահովուած շահերը չեն ներդրուիր երկրին արտադրական կարողութիւնը աւելցնելու համար, որպէսզի Հայաստանի համար չըսուի գործազուրկներու երկիր: Եւ գաղտնիք չէ` գործազրկութիւնը կ’առաջնորդէ աղքատացման, թշուառութեան:

Գործազուրկը կա՛մ երկիրը կը ձգէ եւ կը մեկնի, կա՛մ խռովութիւն կը հանէ: Պէտք է կրկնել տեւաբար, որ առաջին հանրապետութենէն ստացուած անկախութեան գաղափարը մնայ եւ գործէ, եւ մարդկային այլ իրաւունքներէ զրկուած մարդոցմով այդ չի պահուիր: Գիտաժողովներու եւ խորհրդաժողովներու միտքերը եւ նախատեսութիւնները պէտք է որ վերաբերին նաեւ այսօրուան եւ վաղուան: Պարկեշտութեամբ պէտք է ըսել, թէ ի՛նչ պէտք է ընել եւ չենք ըրած, չենք ըներ, այսինքն` ախտաճանաչում կատարել: Ըստ երեւոյթին, այս ախտաճանաչումը դժուար է:

Ալիս Յովհաննիսեանին տխուր հաստատումը կարեւոր ախտաճանաչում է: Կը գրէ.

«Թւում է` ամենադժուարը բնածին անբանի համար զբաղմունք գտնելն է, բայց Հայաստանում մարդու այս տեսակը հեշտութեամբ է տեղ գտնում, տեղաւորւում է այն բոլոր աթոռներին, որոնց վրայ նստելու համար խելացի, բանիմաց մարդիկ դեռ տատանւում են, լրացուցիչ, հիմնաւոր գիտելիքներ ձեռք բերած չլինելով` դեռ սպասում են: Եւ ժամանակը աշխատում է յօգուտ մակերեսում լողացողների: Շատախօսում են: Շատախօսելը եւ բուն գործից մշտապէս ուշանալը հայերին անցել է իրենց ռուս եղբօրից: Ինչքա՜ն խելօք են նրանց մեկնաբանները, ինչքա՜ն բան են հասկանում նրանց քաղաքական գործիչները, ժուռնալիստները, բայց ամենակարեւոր պահին միշտ ուշանում են, եւ հսկայ երկիրը շարունակում է ճօճուել անդունդի վրայ» (105):

Երեւոյթը թէեւ ընդհանուր բնոյթ ունի առաւել կամ նուազ չափերով, բայց մեր ազգի պարագային կարծէք աւելի շեշտուած է եւ տեսանելի, տարբեր ձեւերով, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), տեղ մը շահախնդրութեամբ, ուրիշ տեղ` մանր փառքի համար: Յաճախ ըսուած է, որ մեր հաւաքական կեանքը զոհն է ընտանեպաշտութեան (népotisme), յամեցող աւատապետութեան (féodalisme) եւ այն տարրական իմաստութեան բացակայութեան, որ գործին ատակ անձը պէտք է գտնուի իր ճիշդ տեղը (the right man in the right place), ընկերային եւ քաղաքական բոլոր մարզերուն մէջ, այս` առանց հաճոյակատարութեան:

Ամեակները պատէն կախուած պատկերնե՞ր են, թէ՞ ներկան եւ գալիքը լուսաւորելու ճամբացոյցներ: Անցեալը միշտ գեղեցիկ չէ, բայց իմաստութիւնը կը պահանջէ, որ անցեալի գեղեցիկը, լաւը, օրինակելին տեսնենք: Հայրենիք ազատագրողները, կերտողները, անկախութեան համար պայքարողները ճոխութեան, պերճանքին եւ եսին գիտցած էին հակադրել հաւաքական շահը եւ ազգի լինելութեան հեռանկարը:

Ի դէպ, մէջբերեցի հատուածներ Ալիս Յովհաննիսեանի գիրքէն: Բայց գիրքի ընթերցումը աւարտելէ ետք, վերջին էջին վրայ կարդացի. տպաքանակ` 200: Հայու խիղճի եւ հպարտութեան ո՞ր յոբելեանը պիտի տօնենք, երբ հայ գրողին գիրքը լոյս կը տեսնէ միայն 200 օրինակով: Այդքանով մեր ինքնութիւնը, հոգեկան եւ ոգեկան աշխարհը կ’անկախանա՞ն: Ի միջի այլոց, ձեռնարկի մը համար քանի մը հարիւրով պրակներ լոյս կը տեսնեն անմիջապէս աղբաման դրուելու համար:

Թշուառութեան խորքի պաստառին վրայ գծագրուող ապարանքներ եւ ամեակներու լոյսը պէտք չէ ծածկեն մնայուն ցաւերու ստուերը: Բարձրախօսներու աղմուկը պէտք չէ խեղդէ հոգիներու մրմունջը, որ գիր է եւ գրականութիւն:

14 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան

 

Գրողի Անկիւն. Զատիկի Եւ Յարութեան Շունչը

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ահա կրկին Սուրբ Յարութեան տօն, կամ` Սուրբ Զատիկ: Գեղեցիկ եւ խորհրդաւոր:

Մտաբերեցէ՛ք:

Մեր բոլոր աւանդութիւնները խորքին մէջ մէկական գեղեցկութիւններ են: Իրենց մէջ ունին արդէն անուշ եւ իմաստալից այդ գաղտնի եւ սրբազան խորհրդաւորութիւնը: Այլ խօսքով, աւանդութիւն` կը նշանակէ դարձեալ հաղորդակցիլ մեզի ժառանգուած անցեալին հետ: Եւ այդ անցեալը անբաժան մասնիկ մըն է մեր կեանքին: Եթէ կ՛ուզէք` մեր ազգային կեանքին:

Անոր համար Սուրբ Յարութեան գաղափարը կապած եւ ագուցած ենք մեր ազգային կեանքին հետ` իբրեւ ոգի եւ շունչ:

Կը հաւատանք, որ իր գոյութեան մէջ կեանք ըսուածը կամ աստուածային այս մեծ պարգեւը մեզի համար միշտ գիտակցութեան եւ ենթագիտակցութեան պայքար մը եղած է մահուան դէմ: Արդէն բոլորիս քաջածանօթ է, որ մարդկային բոլոր ստեղծագործութիւնները նոյն այդ պայքարին արդիւնքն են:

Իսկ գալով մեզի` իբրեւ հայեր, մահը առհասարակ ստեղծագործ եղած է: Մեր գերեզմանները միշտ երկինքով լեցուցած ենք եւ, այդպէս ալ, իբրեւ մարդ անհատ, փորձած ենք շարունակել մեր ուրոյն մտածողութիւնը` մեր գոյութեան եւ գոյատեւման հետ միատեղ:

Նախակրթարանի գրասեղաններէն մեզի պատգամած էին, որ Զատիկը ե՛ւ մահուան, ե՛ւ յաղթանակի տօն է: Նոր ոգի պարգեւող եւ նոր շունչ ներշնչող տօն է: Եթէ այդ օրերուն շատ բան չէինք հասկցած, …տարիները մեզի սորվեցուցին, որ մահը ուրիշ բան է: Ան թէեւ ճակատագրական վախճան է, սակայն իր մէջ տարբեր կախարդական երանգ մը ունի: Անոր համար է, որ պատմութեան ընթացքին մենք միշտ մեր մահը զարդարած ենք: Մեր գերեզմանները կապած ենք մեր կեանքին: Լա՛ւ նայեցէք ձեր շուրջը:

Իսկ գալով կեանքին, կ՛ուզեմ այսպէս, եզակի եւ,  սակայն,  հաստատ ինքնագոհութեամբ եւ աղուոր անկեղծութեամբ մը նաեւ ըսել, որ մենք եթէ իսկապէս կ՛ուզենք լաւ ձեւով ընբռնել Խաղաղութեան Իշխանին յարութեան իմաստն ու խորհուրդը, պէտք է նախ արժեւորենք մեր կեանքը:

Ճիշդ է, որ ծնած ենք, ուստի պէտք է, որ շարունակենք ապրիլ: Սակայն այս բոլորին մէջ եւ ետին կայ մեր ժամանակը ստեղծելու եւ արժեւորելու էականութիւնը:

Ազգովին անցեալ մը ունեցած ենք. յաւերժական, որ միշտ կը յիշենք տառապանքով, խոնաւցած աչքերով եւ զգացական պոռթկումով: Ասկէ մեկնած` մեզի համար կեանքը մահ եղած է եւ մահն ալ` կեանք: Ուստի արդար է, որ Զատկուան խորհուրդէն մեկնած` վերագնահատենք մահուան ընբռնումը: Բոլորս ալ գիտակից ենք, որ մահը կը մաշեցնէ նիւթը: Հապա՞ հոգին. միայն հոգին է, որ կը խուսափի անոր ճիրաններէն: Ահա հոսկէ է, որ կը սկսի մարդկային գիտակցութիւնը: Բայց… այս ուրիշ բան է: Իսկ հիմա`

Զատիկ է: Ի՜նչ լաւ: Ի՜նչ ուրախութիւն եւ խինդ:

Զատիկը մեզի համար, Սուրբ Յարութեան գաղափարի կողքին է՛ նաեւ հաւատքի գիտակցութեան տօն: Մահ, հաւատք եւ գիտութիւն` պիտի ըսէր Զարեան: Ահա` աղուոր եւ հաստատ երրորդութիւն մը:

Դարերով փրկիչ Յիսուսը եւ իր խաչը մեզի համար արեւ դարձուցած էինք եւ` տակաւին: Նաեւ զայն դարձուցած ենք լոյս եւ միշտ յոյս, իսկ այս բոլորին կողքին, մեր երկիրն ալ վերածած` այդ լոյսին մեծ շտեմարան մը, որուն ճառագայթներէն կախուած մնացած է մեր կեանքը:

Անգամուան մը համար փորձեցէ՛ք մեր պապերու դարաւոր այդ երկիրը, այդ հայ աշխարհը փորել, պիտի տեսնէք, թէ անոր տակէն լոյսն է, որ կը ժայթքէ, նոր կեանքն է, որ կը ծնի: Որովհետեւ մեր երկինքն ու անհունը կանգնած են մեր լեռներու կատարներուն, այսպէս ըսած են մեր մեծերը: Ուստի պարտաւոր ենք հոն` այդ հողին վրայ տոկալ: Վերապրիլ: Սիրել կեանքը, հոն նաեւ ստեղծագործել յանդուգն եւ անպարտելի: Այդ պատմական հողը դրախտի վերածել:

Որովհետեւ հաւատացած ենք, որ հո՛ն` այդ հողին մէջ եւ վրայ Աստուծոյ շունչը կայ: Կրկնակի, կախարդական եւ սուրբ:

Ինչո՞ւ սակայն` այս բոլորը, որովհետեւ… Զատիկ է:

Ու այս մեծ տօնը իրեն հետ կը բերէ նաեւ մաքուր թելադրանք մըն ալ, որ ցեղիս պատգամին թելադրանքէն ծնունդ առած է:

Այսպէս, պարտաւոր ենք ազգովին եւ անպայման ու ճակատաբաց մեր այս ձեւապաշտ իրավիճակէն մենք զմեզ դուրս բերել` ձրի հպարտութեան կողքին, եւ` միայն հրապոյր եւ հաճոյք չփնտռել:

Ցաւ ի սիրտ, կարծես մեզմէ շատեր այս օրերուն կորսնցուցած են իրենց սեփական կեանքով գոյատեւելու ձգտումը եւ սկսած են հետեւիլ դուրսէն ընդօրինակուած գաղափարներուն, ձեւերուն, օտարներուն:

Ահա՛ կեանքին հեգնանքը:

Արդեօ՞ք այս մէկը բարդոյթ մը չէ, որ մեզ միշտ կը հալածէ: Լաւատեղեակ ենք նաեւ, որ հիմա մեզի համար ամէն ինչ եւ ամէն բան պատմութիւն է, եւ այդ պատմութիւնը կենդանի է, մեզի հետ կ՛ապրի, կը շնչէ, կը քալէ, կը մտածէ: Պէտք է նաեւ գիտակցինք, որ մենք ենք մեր պատմութիւնը ստեղծողը: Միայն մենք ենք զայն արժեւորողը:

Եւ ապա…

Ահա՛ Աւագ Շաբաթ: Այսպէս ճշդուած է: Մեծ եւ սուրբ, որովհետեւ իր մէջ ունի, կայ, կը պարունակէ հոգեկան կայք մը: Անոր համար է, որ այս շաբթուան բոլոր օրերուն, գրեթէ ամէն օր եկեղեցի կ՛երթանք, մոմ կը վառենք: Հայ ենք: Նաեւ երկիւղած կ՛աղօթենք: Եկեղեցւոյ մէջ մեր Աստուծոյն մենք ջերմօրէն կրկին կը փորձենք հանդիպիլ: Անոր հետ մտերիմ զրուցել կ՛ուզենք: Շատ ըսելիքներ ունինք: Ունինք նաեւ անհամար եւ առաջնահերթ ակնկալութիւններ: Ու ծնրադիր կը փորձենք ի խորոց սրտէ աղօթել` ամէն բանի համար եւ ամէն բանի մասին, որպէսզի իրմէ պատգամ մը, լոյս մը, յոյս մը մեր սրտերուն մէջ ամուր պահած` մեր տուները տանինք:

Որովհետեւ…

Զատիկ է եւ հրաշքի յաղթանակի օրը:

Պէտք է զգալ անցաւորն ու աստուածայինը եւ ապա` մեծնալ, ըսած են մեր մեծ գրիչները: Հաւատք է պէտք, նաեւ թէ՛ տոկալու եւ թէ՛ ալ վերապրելու կամք, ամէն բանէ աւելի եւ ամէն բանէ առաջ:

Անձնապէս կը հաւատամ, որ խորունկ բան մը կայ այս տօնին մէջ: Երկիւղած եմ:

Մենք տառապած մարդիկ ենք, կը մտաբերեմ ու միշտ կ՛ըսեմ, որ երազ ունեցող մարդիկ ալ ենք: Մեր գոյութիւնը միշտ մարտ եղած է: Մեր ճակատագիրը մեր պատմութիւնն է: Լռութեամբ կ՛աղաղակեմ: Անոր համար կ՛ուզեմ տեսնել նոր հայը: Իսկ եթէ գտնեմ, ես իմ երազին յաղթած պիտի ըլլամ: Հաստատապէս:

Այս բոլորը իմ խոր զգացումով եւ հաւատքով կը կրկնեմ: Ուստի էականը տոկալն է, կը մատնանշեմ: Չեմ ուզեր տեսնել, որ անփոխարինելի բան մը փլած է մեր հոգիներուն մէջ, որովհետեւ այդ մէկը մահացու է: Տոկալ եւ գիտակցիլ: Հաւտալ «շունչ»-ին: Զգաստանալ: Այս է նաեւ պատգամը: Եւ ահա…

Զատիկ եւ Սուրբ Յարութեան տօն:

Կը հաւատանք եւ միշտ ալ հաւատացած ենք մեր ազգի յարութեան եւ անոր շունչին: Մեր պայքարի զէնքերը մեր ոգին եւ մեր ապրելու կամքն են եղած: Առաւել, իր առաքելութեան հաւատացող ղեկավարը եղած է: Նաեւ` մեր գալիքին համար նոր ճամբաներ եւ լոյսեր որոնողը: Ժամանակը եւ մեզ նոյնացնող մեր յարատեւ աշխատանքը:

Ուստի ժամանակն է թօթուելու մեր էութիւնները,  վերագնահատութեան ենթարկել մեր կեանքը, որպէսզի ծնի նոր ժամանակներու նոր հայութիւնը: Այն հայութիւնը, որ իր ցեղին աւազանին մէջ մկրտուած էր:

Զատիկ է` ըսի եւ ըսին ու շեփորեցին:

Հրամայական է, որ վերանորոգուինք: Վերանորոգենք մեր ազգային գիտակցութիւնը: Կրկին ծնինք: Մեր պապենական հողէն զատ` յաւիտենականութեան չհաւատանք:

Ամրօրէն կառչած մնանք անոր արմատներուն: Մշակենք: Շէնցնենք: Վերաշինենք:

Սուրբ Զատիկ է եւ Սուրբ Յարութեան տօն… մենք ալ յարութիւն առած ազգ ենք, եւ ահա ժամանակը եկած է, որ ազգովին միասնաբար մեր պատմութիւնը կրկնենք` նոյն  շունչով, հաւատքով եւ ոգիով:

bedig43@aol.com

Անդրադարձ. 1918-ի Հայաստանի Անկախութեան Առաջին Օրերը –Դ.

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայաստանի առաջին խորհրդարանի` Ազգային խորհուրդի եւ  կառավարութեան ուղեւորութիւնը դէպի Հայաստան: Այս ենթախորագիրը տարօրինակ կը թուի, սակայն իրականութիւն է, որ հանրապետութեան առաջին խորհրդարանը եւ կառավարութիւնը  կազմուած էին Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ: Թէ ինչո՞ւ, ստորեւ` համառօտ պատմական ենթահողը:

1918 յունիս 4-ի Պաթումի դաշնագիրի Հայաստանի սահմանները` շուրջ 12 հազար քառ. քիլոմեթր` կարմիր ուրուագիծ, մակադրուած ներկայի քարտէսին վրայ:

Ցարական իշխանութեան դէմ Հոկտեմբերեան (25 հոկտեմբեր 1917) յեղափոխութենէն եւ ցարական զօրքերուն Կովկասի շրջանը լքելէն ետք, ցարական կայսրութեան մաս կազմող Կովկասի ժողովուրդները` հայ, վրացի եւ թաթար (ապագային` ազերի կոչուած) եւ այլ խմբաւորումներ, իրենց կուսակցութիւններով, 11 նոյեմբեր 1917-ին կազմեցին «Անդրկովկասեան կոմիսարիատ»-ը` պետական իշխանութեան մարմին, որ յունուար 1918-ին վերածուեցաւ Անդրկովկասեան Սէյմի (խորհրդարան) (1):

Իւրաքանչիւր ժողովուրդ ունէր իր Ազգային խորհուրդը, հայերու պարագային` Թիֆլիսի մէջ (նստավայրը` Միքայէլ Արամեանցի հսկայ տան մէջ, Գոլովինսքի (այժմ Ռուսթաւելի) եւ Պարեաթինսքայա, (այժմ անգոյ) փողոցներու անկիւնը եւ անոր ենթակայ Ազգային խորհուրդ մը` Երեւանի մէջ, նախագահութեամբ Երեւանի թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Մուրատբէկեանի:

Վրաստանը 26 մայիս 1918-ին եղաւ Կովկասեան Սէյմի առաջին ազգային խորհուրդը, որ հռչակեց իր անկախութիւնը (Հայաստան` 28 մայիսին) եւ սկսաւ բացայայտօրէն պահանջել Հայ ազգային խորհուրդէն մեկնիլ Երեւան` իրենց երկիրը: Սակայն, յատկապէս միջկուսակցական առաջին կառավարութիւն մը կազմելու ջանքերը երկար ժամանակ խլեցին եւ ձախողեցան, որուն պատճառներէն էին յաւակնոտ նախարարներու դժկամութիւնը` մեկնելու սովահար, խեղճ ու աղքատ, հիւանդութիւններով վարակուած եւ գաղթականներով լեցուած Երեւան: Անոնք Թիֆլիսի իրենց հանգիստ միջավայրէն կ՛ուզէին կառավարել երկիրը:

Պէտք է  նշել, որ այդ օրերուն Թիֆլիսի բնակչութեան շուրջ 36 տոկոսը (ներկայիս` շուրջ 5 տոկոս) հայեր էին, որոնց մեծամասնութիւնը տնտեսապէս բարեկեցիկ, նաեւ կային քանի մը ականաւոր մեծահարուստներ` Մելիք Ազարեանց, Միքայէլ Արամեանց եւ ուրիշներ:

Կ՛արժէ հաստատել հայութեան ներկայութիւնը եւ տնտեսական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու ազդեցիկ կշիռը Թիֆլիսի մէջ: Միխայիլ Վլատիկին 1885-ին գրած է. «1803-ին կը համարուէր, որ Թիֆլիսի մէջ կային շուրջ 2700 տուներ, որոնց աւելի քան 2500 տուներ հայերուն կը պատկանէին: Այսպիսով, մայրաքաղաքը դարձած էր հայերուն սեփականութիւնը» (2): Մինչեւ 1900-ական տարիները, հայերը Թիֆլիսի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը կազմէին, մինչ վրացի եւ ռուս բնակչութիւնը գրեթէ իրար հաւասար թիւով կը գրաւէին երկրորդ տեղը:

Վերջապէս, 24 յուլիս 1918-ին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունի (Իգիթխանեան, ճարտարապետ) կազմեց առաջին հնգանդամ կառավարութիւնը` հետեւեալ կազմով. Ալեքսանդր Խատիսեան` արտաքին գործոց նախարար, Արամ Մանուկեան` ներքին գործոց, միակն էր, որ արդէն կը գտնուէր Երեւան, Խաչատուր Կարճիկեան` ելեւմտական եւ զօր. Յովհաննէս Հախվերդեան` զինուորական, անկուսակցական, մնացեալը` ՀՅԴ-ի անդամ:

Մինչ այս, 1916-1917 Արամ Մանուկեան կը գործէր Թիֆլիսի Հայոց ազգային խորհուրդին եւ ՀՅԴ Բիւրոյին մէջ` զբաղելով արեւմտահայ գաղթականութեան հարցերով: 1917 դեկտեմբերի վերջերուն` իբրեւ Հայոց ազգային խորհրդի լիազօր ներկայացուցիչ, կը գործուղուի Երեւան` գլխաւորելով նորաստեղծ Յատուկ կոմիտէն, որ զինք կ՛օժտէ լայն լիազօրութիւններով: Ապա, մարտ 1918-ին Երեւանի զանազան ժողովրդային խաւերու ներկայացուցիչներու ժողովին կողմէ միաձայնութեամբ կ՛ընտրուի հրամայապետ` տիքթաթոր:

Սիմոն Վրացեան կը գրէ (3)  (արեւմտահայերէնի վերածուած). «Կառավարութիւնը կարգաւորեց շարք մը ընթացիկ խնդիրներ: Վրաստանի կառավարութեան մօտ դիւանագիտական ներկայացուցիչ նշանակեց Արշակ Ջամալեանը. յուլիս 2-ին վրաց կառավարութեան հետ համաձայնութիւն կնքեց 200 միլիոն անդրկովկասեան նպաստի կտրօններ հրապարակելու, որոնց 120 միլիոնը Հայաստանի պիտի յատկացուէր. դրաւ Հայկական խորհուրդի գոյքերը Երեւան փոխադրելու, ինչպէս նաեւ անդրկովկասեան (Սէյմի) ընդհանուր (շարժական, ՅՉ) գոյքերու բաժանումի խնդիրը. գերման, աւստրիական եւ թրքական ներկայացուցիչներուն հետ կապեր հաստատեց եւ ներկայացուցիչներ նշանակեց եւ այլն:

«Պաթումի խորհրդաժողովէն (4 յունիս 1918-ին` Օսմանեան կայսրութեան եւ կովկասեան երեք նորանկախ` Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, ՅՉ) ետք, գերման ներկայացուցիչ զօր. Վոն Քրեսը (Ֆրետերիք Ֆրայհըր Քրես Վոն Քրեսենշթայն, ՅՉ) յայտնեց, որ 25 յունիսին Պոլսոյ մէջ խորհրդաժողով մը տեղի պիտի ունենայ մէկ կողմէ Գերմանիոյ դաշնակիցներուն, միւս կողմէ` կովկասեան հանրապետութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ` լուծելու համար Թուրքիոյ եւ Կովկասի միջեւ առկախ մնացած խնդիրները: Հայ ազգային խորհուրդին կողմէ այդ ժողովին պատուիրակ նշանակուեցան Ա. (Աւետիս, ՅՉ) Ահարոնեան, Ա. (Ալեքսանդր, ՅՉ) Խատիսեան եւ Մ. (Միքայէլ, ՅՉ) Պապաջանեան: Այս վերջինը կը մերժէր դաշնակցականներու հետ մաս կազմել կառավարութեան, սակայն դաշնակցականներուն հետ գնաց Պոլիս եւ հետագային` նաեւ Փարիզ:

«Այս բոլոր աշխատանքները կ՛ուշացնէին կառավարութեան մեկնումը (Երեւան), որ ջղագրգռութիւն կը յառաջացնէր վրացիներուն եւ հայ հասարակութեան մէջ: Երեւանէն կը պահանջէին փութացնել մեկնումը, նոյնիսկ այդ նպատակով պատուիրակներ եկան Թիֆլիս: Թիֆլիսի մամուլն ու հանրային կարծիքը կը դատապարտէին Հայ Ազգային խորհուրդի դանդաղաշարժութիւնը. կը մեղադրէին, որ Ազգային խորհուրդի անդամները չէին ուզեր բաժնուիլ Թիֆլիսէն, ինչ որ շատ հեռու չէր ճշմարտութենէն:

«Այս մթնոլորտին մէջ Ազգային խորհուրդը կը դժուարանար մէկ վճռական կամք դրսեւորել: Իրերյաջորդ նիստերու ընթացքին բուռն վիճաբանութիւնները պարզ կը դարձնէին, որ շատերու համար Երեւան երթալը անձնապէս անհանդուրժելի խնդիր էր, որ` անձնական նկատումները կը քողարկէին սկզբունքային առարկութիւններով:

«Ի վերջոյ Երեւան փոխադրուելու հարցը Ազգային խորհուրդի եւ կառավարութեան 13 յուլիս 1918-ի միացեալ նիստին կտրուկ կերպով օրակարգի նիւթ դարձաւ, ուր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները պարզեցին իրենց տեսակէտը.

– ՀՅԴ կը պահանջէր, որ Ազգային խորհուրդն ու կառավարութիւնը ամբողջ կազմով անմիջապէս Երեւան մեկնին: «Մեր տունը վերադառնանք», կ՛ըսէին անոնք:

– Հայ ժողովրդական կուսակցութիւնը կ՛առաջարկէր Երեւան ուղարկել պատուիրակութիւն մը եւ կազմել տեղական կառավարութիւն, իսկ Ազգային խորհուրդը` իբրեւ համազգային մարմին եւ իշխանութեան աղբիւր, պահել Թիֆլիսի մէջ: Հայ պուրժուազիայի (քաղքենի, միջին դասակարգ, ՅՉ) համար Թիֆլիսն ալ, ինչպէս` ամբողջ աշխարհը, «մեր տունն էր»:

– Սոցիալիստ-յեղափոխականները կ՛առաջարկէին, որ Ազգային խորհուրդն ու կառավարութիւնը Երեւան երթան, այնտեղ կազմեն Հայաստանի տեղական իշխանութիւն, ապա Ազգային խորհուրդը վերադառնայ Թիֆլիս ու մնայ` իբրեւ ազգային ընդհանուր իշխանութիւն:

– Սոցիալ-դեմոկրատները, որ առաջ կողմնակից էին Երեւան փոխադրուելու, յետս կոչեցին առաջարկը եւ անվճռակամութեան մէջ կը տատանէին:

«Այս բոլոր կարծիքները լսելէն ետք Քաջազնունին  յայտարարեց, որ եթէ Ազգային խորհուրդը մնայ Թիֆլիսի մէջ, կամ կազմուին երկու ազգային խորհուրդներ, ինքը վարչապետութենէն կը հրաժարի: Ասոր վրայ 7 քուէով, ընդդէմ 5-ի, որոշուեցաւ Ազգային խորհուրդն ու կառավարութիւնը Երեւան փոխադրել:

«Երկար ձգձգումներէ եւ վարանումներէ ետք, յուլիս 17-ին Ազգային խորհուրդն ու կառավարութիւնը վերջապէս մեկնեցան Երեւան: Ալեքսանդրապոլի ուղին վտանգաւոր էր. Սանահինէն սկսեալ` երկաթուղին թուրքերուն ձեռքն էր: Աղստաֆա (Աղստեւ)-Դիլիջան ուղիով պէտք էր անցնիլ:

«Մեկնողներուն մէջն էին կառավարութենէն` Քաջազնունին, Կարճիկեանը եւ զօր. Հախվերդեանը, Ազգային խորհուրդէն` Աւ. (Աւետիք, ՅՉ) Սահակեանը, Ս. (Սիրական, ՅՉ) Տիգրանեանը, Ստ. (Ստեփանոս, ՅՉ) Մալխասեանը, Պ. (Պետրոս ՅՉ) Զաքարեանը, Ռուբէն Տէր Մինասեանը, Ա. (Արշամ, ՅՉ) Խոնդկարեանը, բժ. Ա. (Արտաշէս, ՅՉ) Բաբալեանը, Հ. (Հրա՞նդ) Ազատեանը, Ա. Մխիթարեանը եւ ուրիշներ, նաեւ զօրապահակ` Դալի Ղազարի (Միքայէլ Պատալքեոխեան, ՅՉ) գլխաւորութեամբ: Անոնց կ՛ընկերանային երկու գերմանացի սպաներ` տեղակալ Վոն Մոմսենը եւ փոխտեղապահ Այզենմանը` զօր Վոն Քրեսի ներկայացուցիչներ եւ թուրք սպայ մը (Մեհմետ, ՅՉ)` Վեհիպ փաշայի կողմէ:

«Մեկնումը շատ տխուր պայմաններու մէջ կատարուեցաւ: Վրացիները, որոնք, առհասարակ, երեւելի վարպետներ են հանդիսաւոր ընդունելութիւններ ու «բարի երթ»-եր կազմակերպելու, այս անգամ, կարծես դիտմամբ, կատարած էին ամէն բան, որպէսզի վիրաւորեն հայերուն արժանապատուութիւնը:

«Հակառակ նախօրօք կատարուած դիմումին` վրաց կառավարութիւնը ոչինչ կատարած էր դիւրացնելու համար «քոյր հանրապետութեան» կառավարութեան ճամբորդութիւնը: Վրաց կառավարութեան կողմէ ոչ մէկ ներկայացուցիչ կայարան եկած էր: Երկաթուղային վարչութիւնը, իր հերթին, անփափկանկատ բծախնդրութիւններով դժուարութիւններ կը յարուցէր: Տրամադրած էին հին, կեղտոտ ու անյարմար կառք մը, կարծես ճամբորդները գաղթականներ էին: Մեծ դժուարութեամբ կարելի եղած էր արտօնութիւն ստանալ` երկու կիսախարխուլ ինքնաշարժ տանելու:

«Նուաստացած ու դառն զգացումներով Հայաստանի վարիչները Թիֆլիսէն մեկնեցան: Կարծես թշնամի երկրէ մը կը հեռանային: Փոյլի կայարանին մէջ վրաց սահմանապահները լրացուցին պակասը` փորձելով նոյնիսկ խուզարկել Հայաստանի կառավարութեան կառքը, միայն գերման սպային միջամտութիւնը ազատեց զանոնք այդ խայտառակութենէն:

«Ընդհակառակը, որքա՜ն տարբեր էր Ազրպէյճանի վերաբերումը: Սահմանին վրայ հայկական կառավարութիւնը դիմաւորուեցաւ զինուորական պատիւներով. դիմաւորողներուն մէջ էին նահանգապետը եւ կառավարութեան ներկայացուցիչները: Աղստաֆայի (Աղստեւ, 32) եւ Ղազախի (Կողթ, 32) մէջ տրուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն. ի պատիւ հիւրերուն` ճաշ պատրաստուած էր: Թուրք գիւղացիները համակրանքով կը դիմաւորէին հայ ներկայացուցիչները, որոնք մինչեւ Հայաստանի սահմանը անցան բարեկամական ցոյցերու մէջէն»:

17 Մարտ 2018
(Շար. 4)

(1)   ( https://en.wikipedia.org/wiki/Transcaucasian_Commissariat)
(2) «Ուղեցոյց եւ զրուցակից Կովկասի ճամբորդութեան մէջ», Միխայիլ Վլատիկին, 1885, էջ 300:
(3) «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Սիմոն Վրացեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1958 տպարան «Մշակ», էջ 177-185:

 

 


Ներառումի Պահանջով

$
0
0

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

Ինչպէս հայ իրականութեան հետ առնչուող եւ յուզող միւս բոլոր խնդիրները,  հայոց պատմութեան դասագիրքերու վերամշակումը նաեւ պէտք է առաջնային օրակարգային հարց դառնայ սփիւռքի եւ Հայաստանի պատկան մարմիններու աշխատանքներուն մէջ: Այս իմաստով, Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի նախաձեռնութիւնը միայն գնահատելի է եւ կը կարօտի լուրջ ու հետեւողական մօտեցումի:  Ըստ վերջերս հրապարակուած յիշեալ հիմնարկի մէկ յայտարարութեան, դասագրքաստեղծ այս աշխատանքը ընթացք առած է արդէն 2013-էն եւ իր աւարտին կը հասնի մօտիկ ապագային: Նախաձեռնութիւնը իր ամբողջ էութեամբ քաջալերելի ըլլալով հանդերձ, հարկ է պահ մը անդրադառնալ կազմակերպչական մանրամասութիւններուն եւ ընդգծել որոշ առանցքային բացթողումներ, որոնց լիարժէք քննարկումը միայն կը միտի ամրապնել անոր գիտակրթական նպատակը եւ ամրագրել արդիւնքներուն ուսումնական յաջողութիւնը:

1) Ըստ հաղորդագրութեան, սփիւռքահայ աշակերտներու համար պատրաստուելիք հայոց պատմութեան դասագիրքերու վերամշակման յանձնախումբը կը բաղկանայ միայն հայաստանաբնակ մասնագէտներէ (Արամ Սիմոնեան, Էդիկ Մինասեան, Արտակ Մովսիսեան, Հայրապետ Մարգարեան, Աշոտ Հայրունի, Արման Եղիազարեան, Յովիկ Գրիգորեան, Մհեր Յովհաննիսեան, Գեղամ Բադալեան, Մերի Յովհաննիսեան, Վարդան Մխիթարեան): Սոյն նախաձեռնութեան յաջողութեան գրաւականն է` ներառել նաեւ սփիւռքահայ մասնագէտներ, որոնք կը ներկայացնեն աշխարհասփիւռ հայութեան զանազան աշխարհագրական շերտաւորումները ու մշակութային նրբերանգները, եւ որոնց ներդրումը միայն պիտի նպաստէ հայոց պատմութեան բազմակողմանի երեսներուն անվերապահ քննարկման: Առանց հարցականի տակ դնելու յանձնախումբի անդամներուն մասնագիտական կարողութիւնը` սփիւռքի նախարարութեան եւ ԵՊՀ հայագիտական ամպիոնի պարտականութիւնն է, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ պատմաբաններու եւ հայագէտներու արդար իրաւունքն է մասնակցիլ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններու` իբրեւ լիարժէք անդամ եւ ոչ միայն խորհրդական, որոնք տարին կամ երկու տարին անգամ մը միայն պիտի արտայայտեն իրենց տեսակէտները:

2) Առաջին կէտին կը հետեւի այս երկրորդ հանգամանքը, որ անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է` ստեղծելու փորձագէտներու մնայուն մարմին մը, որ մանրակրկիտ զննութեան եւ վերաքննութեան պիտի ենթարկէ հայոց պատմութեան դասաւանդման, խորքային հարցերու մեթոտաբանական քննարկման եւ վերլուծման ամբողջ խնդիրները: Անհրաժեշտ է նաեւ ցուցաբերել մասնագիտական նոր մօտեցումներ, որոնք կը միտին աշակերտին մօտ զարգացնելու պատմագրական եւ պատմագիտական խնդիրներու  քննական մտածողութեան կարողականութիւնը: Անշուշտ այս հանգամանքը միատեսակ չէ եւ կ՛ընդգրկէ բազմաթիւ նկատառումներ, բայց օգտաշատ է յիշել քանի մը օրինակ: Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակին ընդառաջ նպատակայարմար է, որ հայոց պատմութեան նոր դասագիրքերու առանցքը կազմէ ո՛չ միայն անցելապաշտութիւնը («բարոյական» կամ այլ յաղթանակներու փառաբանանքով եւ կորուսեալ հայրենիքի մը լացակումած հիւսքը ընելով, որոնք կը հանդիսանան հայոց պատմութեան դասագրքային տարբերակի հիմնական երկու պատմագրական առանցքները), այլ 21-րդ դարու ուսանողութեան յարիր է ծաւալել խորքային քննարկումներ` որոնց կիզակէտն է պետականաշինութիւնը` իր բազմաբովանդակ իմաստով, սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններ եւ անպայման Խորհրդային Հայաստանի արդի պատմութիւն (որ շատ յաճախ կը բացակայի սփիւռքի հայ վարժարաններու մէջ օգտագործուող պատմութեան դասագիրքերէն): Հանրապետութեան յոբելեանի շեմին (որուն համար սփիւռքի մէջ, ըստ երեւոյթին, խանդավառութիւնը աւելի է, քան Հայաստանի մէջ) հարկ է պահ մը մտածել, թէ հայոց պատմութեան դասաւանդումը ի՛նչ խնդիրներ պէտք է լուծէ. արդեօք ան պէ՞տք է առաջնորդէ «տիպար» հայու մը մշակման (ինչպէս շատ յաճախ կ՛ակնարկուի), որքան ալ խնդրայարոյց ըլլայ այս մօտեցման կիրարկումը եւ որքան ալ ցարդ մնացած ըլլայ անոր կեդրոնացումը, կամ արդեօք ան աշակերտին պէ՞տք է ընձեռէ ազգային, համայնքային եւ մարդկային հասարակութեան զանազան մարտահրաւէրներու լուծման համար օգտագործելիք քննամտածողական գործիքները: Արդեօք պէ՞տք է տարանջատել սփիւռքի պատմութիւնը հայոց պատմութենէն: Այս դիտանկիւնէն մեկնած` յօդուածագիրս կու գայ ըսելու, որ այս աշխատանքը կարելի չէ միայն «բեռցնել» Համազգայինի ուսերուն կամ ձգել դպրոցներու տնօրէններու խորհրդակցութեան, որքան ալ անոնք նախանձախնդիր ըլլան այս աշխատանքի յաջողութեան: Գնահատելի եւ արդիւնաւէտ պիտի ըլլար նաեւ, որ խորհրդակցական կարգով հրաւիրուէին օտար մասնագէտներ, որոնց գիտական ներդրումը կրնայ շահաւէտ ըլլալ նոյնքան, որքան` «ազգայիններուն» մասնակցութիւնը: Հետեւաբար հարկ է հետեւողական այս աշխատանքը դնել աւելի արհեստավարժ հիմքերու վրայ` ստեղծելով սփիւռքեան համընդհանուր հարթակ: Հակառակ Համազգայինի հրատարակչատան վերոյիշեալ նախաձեռնութեան, ֆինանսական ծախսերը հոգալու պատրաստակամութեան, ան այդ մարմինը չէ ու չի կրնար հանդիսանալ, տրուած ըլլալով, որ անոր առաքելութիւնը տարբեր է: Թէ այս հարցին խորքային արծարծումը պէտք է քննարկման առարկայ դառնար Ազգային ժողովին գումարման ընթացքին կամ Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակի նուիրուած «հարիւր» համաժողովներէն մէկուն, կը ձգեմ ընթերցողին դատողութեան:

3) Վերջապէս, ըստ երեւոյթին, մեր պատկան մարմինները կրկին մոռցած են, որ հայ իրականութեան մէջ կը գտնուին նաեւ կին մասնագէտներ (պատմաբան, մանկավարժ), որոնց անդամակցութիւնը կրնայ լուսարձակի տակ առնել հայ հասարակութիւնը հետաքրքրող կենտերային եւ ընկերային հարցեր եւ խնդիրներ, որոնք կ՛առնչուին թէ՛ հայոց պատմութեան եւ թէ՛ անոր դասաւանդման մեթոտներուն: Առաջին հանրապետութեան հարիւրամեակի սեմին անբաւարար է միայն հպարտանալ մեր երկամեայ հանրապետութեան կիներուն շնորհած ընտրական իրաւունքով եւ դիւանագիտական պատմութեան մէջ առաջին հայ կին դեսպանով: Այլ` պարտաւոր ենք այդ արժէքները կրկին կեանքի կոչել` նմանօրինակ հարթակներ օգտագործելով:

Կը կարծեմ, որ առանց այս երեք առանցքային կէտերը ընդգրկելու սոյն աշխատանքներուն ընդհանուր հայեցակարգին մէջ, պիտի դժուարանանք իսկական տեղաշարժեր ամրագրել:

vketsemanian@gmail.com

 

Քաղաքական Անդրադարձ. Հայաստանը Դարձեա՞լ Մեկուսացած

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

15 մարտին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հանդիպումին լոյսին տակ «Թուիթըր»-ի վրայ յայտնեց իր ուրախութիւնը` Կովկասի մէջ տնտեսական եւ առեւտրական ծրագիրներու քննարկման համար: Այս ծրագիրներէն դարձեալ դուրս կը մնար Հայաստանը` ազրպէյճանական եւ թրքական ճնշումներուն պատճառով: Մինչեւ օրս Պաքու կրցած է մեկուսացնել Հայաստանը կովկասեան տնտեսական եւ ուժանիւթային ծրագիրներէն: Սակայն ինչպէ՞ս Հայաստանը կրնայ այս մեկուսացումը շրջանցել:

Հայաստանի համար կարեւոր է եղբայրական եւ ռազմավարական յարաբերութիւններ մշակել դրացի Վրաստանին եւ Իրանին հետ:

Պատմականօրէն Հարաւային Կովկասը եղած է մրցակցութեան դաշտ` Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ: Հակառակ ռուսական ներթափանցման` Իրան կրցած է որոշ չափով իր շահերը ապահովել մասնաւորապէս Հայաստանի հետ, եւ այս ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Իրան միշտ կոչ ուղղած է երկխօսութեան եւ խաղաղ միջոցներով լուծելու տագնապը: Իրան նաեւ մտահոգ է թէ՛ Ազրպէյճանի եւ թէ՛ Իրանի հիւսիսը գտնուող ազերիներուն վրայ թրքական եւ թուրանական ազգայնականութեան տարածման վտանգէն: Հետեւաբար հզօր եւ կայուն Հայաստան մը կը բխի Իրանի շահերէն` հակակշռելու համար թրքական քաղաքականութիւնը: Հայաստանի կողմէ մինչեւ օրս հսկայ քայլեր չեն առնուած Իրանի նկատմամբ, այդ ալ` հաւանաբար այն պատճառով, որ հայրենի իշխանութիւնները միշտ ալ ամերիկեան կամ արեւմտեան ճնշումներու ենթարկուած են: 2015-ին իրանեան կողմը կը փորձէր համոզել Երեւանը կազատարներ կառուցել, որոնց միջոցով կազը Հայաստանի միջոցով պիտի անցնէր Վրաստան եւ ապա Եւրոպա, սակայն այս ծրագիրին դէմ կեցաւ Ռուսիան, եւ վերջինիս մենաշնորհեալ դիրքը հայկական քաղաքական եւ տնտեսական կեանքին մէջ արգելք հանդիսացաւ այսպիսի հսկայ ծրագիրի մը իրագործման:

Վրաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը այլ միջոց մըն է: Անշուշտ ասիկա պէտք չէ ըլլայ ջաւախահայութեան հաշուոյն, սակայն Ջաւախքի հարցը պէտք չէ խոչընդոտ ըլլայ հայ-վրացական յարաբերութեան զարգացման: Հայաստանը եւ Վրաստանը կարիքը ունին մէկզմէկու: Վրաստանի ռազմավարական յարաբերութիւնը ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան հետ մեծ առիթ մըն է Հայաստանի համար, որ արդիականացնէ իր բանակը արեւմտեան կարգապահութեամբ եւ բարենորոգումներ կատարէ բանակին մէջ: Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը յստակ պատգամ մը ունէր, որ միայն ռուսական ռազմական միջոցներուն կարելի չէր վստահիլ, եւ բանակի հրամանատարութիւնն ու մտածելակերպը պէտք էր փոխուէին: Իսկ Վրաստանի համար Հայաստան Իրանի ճամբով միակ ելքն է դէպի Ասիա եւ Միջին Արեւելք, մանաւանդ որ Վրաստան կը փորձէ թրքական եւ ազրպէյճանական ծրագիրներէն իր կախեալութիւնը նուազեցնել: Վերջերս աջակողմեան վրացական կուսակցութիւններու աշխուժութիւնը ահազանգ հնչեցուցած է երկրի իսլամ բնակչութեան մէջ, եւ Թուրքիա ամէն ջանք կը թափէ օգտագործելու Վրաստանի իսլամները` Կովկասի մէջ իր արտաքին քաղաքականութեան համար:

Հետեւաբար կարելի չէ սպասել եւ պէտք է նախաձեռնարկ ըլլալ: Եթէ Հայաստան կ՛ուզէ որոշ չափով դուրս քալ ռուսական մենաշնորհումէն եւ շրջանային կղզիացումէն, ապա հիմա ժամանակն է գործնապաշտ քաղաքականութիւն վարելու Վրաստանի եւ Իրանի նկատմամբ եւ միասնաբար գործակցելու` հակակշռելու համար թուրք-ազրպէյճական ծրագիրները:

Yeghia.tash@gmail.com

Աշխարհիկութիւնը` Յառաջդիմական Կուսակցութիւններու Ծրագիրներուն Մէջ

$
0
0

 ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Գ. Քոլոմպիոյ Ազատական Կուսակցութեան Օրինակը

Քոլոմպիոյ քաղաքական համակարգը հիմնուած է երկու կուսակցութիւններու սկզբունքին վրայ. առաջինը Ազատական կուսակցութիւնն է (հակառակ իր անունին` անիկա կը դաւանի ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը եւ անդամակցած է Ընկերվար միջազգայնականին), որ կը նախընտրէ կրօնի անջատումը քաղաքականութենէն (պետութենէն), իսկ երկրորդը Պահպանողական կուսակցութիւնն է, որ պատմութեան ընթացքին թիկունք կանգնած էր կղերականութեան իշխանութեան ու կը ջանար քաղաքականացնել եկեղեցին եւ կրօնականացնել քոլոմպիական հասարակութիւնը:

Հիմնուած ըլլալով 1848-ին` իբրեւ Քոլոմպիոյ առաջին կուսակցութիւնը, Ազատական կուսակցութիւնը 19-րդ դարու արեւմտեան լուսաւորական գաղափարներէն իր մէջ կը ներառէր նաեւ աշխարհիկութիւնը, որ կը հանդիսանար նոյն դարու ամէնէն յեղափոխական գաղափարներէն մէկը: Հաւատարիմ մնալով աշխարհիկութեան վեհ գաղափարին` ազատականները միշտ ալ բախումի մէջ մտած են կղերականութեան հետ:

Երբ կը ծանօթանանք ազատականներու 2012-ի ծրագիր-կանոնագիրի «Հիմնական սկզբունքներ» բաժինի «Հաւասարութիւն» կէտին, այդտեղ կը կարդանք. «Կուսակցութեան մէջ չկայ խտրականութիւն կամ առանձնաշնորհում, որ հիմնուած է գաղափարական, տնտեսական, ընկերային, սեռային, կրօնական կամ ցեղական պատճառներու վրայ»: Այս հատուածը ինքնին թարգմանը կը հանդիսանայ կուսակցութեան տեսաբանական հոլովոյթին` իր հիմնադրութենէն մինչեւ օրս, մեկնելով այն իրողութենէն, որ անիկա հիմնուած է ընկերային ու տնտեսական արդարութեան եւ աշխարհիկութեան սկզբունքներու բիւրեղացման վրայ:

Ինչպէս ամբողջ արեւմտեան աշխարհի, նոյնպէս ալ Քոլոմպիոյ մէջ եկեղեցին կը վայելէր տնտեսական եւ քաղաքական առանձնաշնորհումներ, ինչպէս` կալուածներու, հողերու սեփականատիրութիւն եւ քաղաքական կեանքին միջամտութիւն:

Նպատակ ունենալով պաշտպանել մարդկային ընկերային զարգացումը` հանրային սեփականատիրութեան յանձնելով կրթական ու առողջապահական հիմնարկները, ազատականները առաջին բախումը կ՛ունենան եկեղեցիին հետ, որ նշեալ հիմնարկներուն սեփականատէրն էր: Ազատականները իրենց մեծ ներդրումը կ՛ունենան արդի Քոլոմպիոյ քաղաքացիական իշխանութիւններու հաստատման, խղճի ազատութեան եւ եկեղեցին ու կղերականութիւնը քաղաքական կեանքէն հեռու պահելու առումով:

1853-ին ազատական կառավարութիւնը կը հաստատէ քոլոմպիական սահմանադրութիւնը, որ իր կարգին կը հռչակէ Քոլոմպիոյ աշխարհիկութիւնը` քաղաքացիական իշխանութեան հաստատումով (դատարան, խորհրդարան, քաղաքապետարան եւ այլն) եւ զայն աւելի բարձր կը դասէ կրօնական իշխանութեանց իրաւասութիւններէն` կրօնական ազատութիւն ապահովելով բոլոր քաղաքացիներուն եւ արգիլելով կրօնը բոլորին պարտադրելը: Սահմանադրութեան հաստատման կողքին, ազատական կառավարութիւնը նաեւ Քոլոմպիայէն կը հեռացնէ Վատիկանի կողմէ հովանաւորուած Յիսուսեան միաբանութիւնը` վերջինիս կողմէ  քաղաքական հարցերու միջամտութեան պատճառով:

Յաջողելով աշխարհիկութիւնը մտցնել հաստատութիւններուն մէջ` ազատականներուն յաջորդ քայլը կ՛ըլլայ վերջ դնել եկեղեցւոյ տնտեսական առանձնաշնորհումներուն: Ազատական Թոմաս Սիփրիանօ տէ Մոսքերայի նախագահութեան ընթացքին (1845-1849,1860-1861,1862-1864 եւ 1866-1867) կը պետականացուին բազում եկեղեցական կալուածներ, եւ անոնցմէ ստացուած եկամուտները կը ներառուին պետական պիւտճէին մէջ` հանրային եւ ընկերային ծառայութիւններու յատկացուելու համար: 1930-1934 տարիներուն, ազատական նախագահ Էնրիքէ Օլայա Հերերան վերջնականապէս կը փակէ բոլոր կրօնի դպրոցները` անոնց փոխարէն հաստատելով հանրային դպրոցներ, ինչպէս նաեւ կ՛արգիլէ կրօնական դասաւանդութիւնը անոնց մէջ:

Եկեղեցւոյ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ տնտեսական առանձնաշնորհումներուն դէմ առնուած քայլերուն կղերականութիւնը կը հակազդէ բռնի ու արիւնալի միջոցներով: Վերջին դէպքը 1948-ին Ազատական կուսակցութեան ղեկավար Խորխէ Էլիեսեր Կայթանի ահաբեկումն էր: Կայթան նշանաւոր էր Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք տարածուած` եւրոպական ընկերվար-ժողովրդավարական բարեկեցիկ պետութեան գաղափարներէն իր կրած ազդեցութեամբ եւ Քոլոմպիոյ մէջ անոնց կիրարկումով: Ուսումնասիրութիւնները կը նշեն, որ քահանաները եկեղեցիներուն մէջ կը քարոզէին, թէ ոեւէ անհատ, որ ազատական մը կը սպաննէ, ան պիտի արժանանայ դրախտային առաքինութեան: Քոլոմպիոյ ամբողջ տարածքին մէջ տեղի կ՛ունենան արիւնալի կռիւներ` 1946-էն մինչեւ 1958, այդ կռիւներուն զոհ կ՛երթան Ազատական կուսակցութեան 185 հազար անդամներ:

Քոլոմպիոյ աշխարհիկ համակարգի կերտման հոլովոյթը ցոյց կու տայ, թէ եկեղեցական առանձնաշնորհումներուն դէմ պայքարը որքա՛ն ալ որ արիւնալի եւ որքան ալ բռնութիւններով լի ըլլայ, ի վերջոյ պիտի յաղթէ ու պիտի կերտէ խիղճի ազատութիւն` պետական հաստատութենական մակարդակի վրայ, քանի որ անիկա բոլոր քաղաքացիներուն ամէն ինչէ առաջ կ՛ապահովէ կրօնական ազատութիւններ, ապա` ընկերային-տնտեսական նուազագոյն իրաւունքներ:

 

Ընտրական Քրոնիկ. Ապրիլեան Աւանդութեան Տրամաբանական Զարգացումը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Երկուշաբթի, 26 մարտի կէս գիշերին աւարտեցաւ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու ընտրացանկերու արձանագրման ժամկէտը: Արձանագրուած են 77 ընտրացանկեր: Մուսթաքպալ հոսանքը առաջին օրէն իսկ յայտարարեց, թէ կը բացառէ միայն Հըզպալլայի հետ ընտրական դաշինքը: Ընտրացանկերու կազմութենէն ետք կարելի է տեսնել, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ղեկավարած հոսանքը հաստատ մնացած է իր կեցուածքին վրայ: Նոյնը, սակայն, կարելի չէ ըսել Փաղանգաւոր կուսակցութեան պարագային, որ շարունակ կը յայտարարէր ու կը պնդէր, թէ կը բացառէ իշխանութեան մաս կազմող որեւէ ուժի հետ գործակցիլ, եւ ահա Զահլէի ու Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ ընտրական միացեալ ցանկ կազմած է կառավարութեան մէջ նախարարներ ունեցող Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ:

Ինչ կը վերաբերի հայ համայնքին, այդտեղ եւս գոյութիւն ունի հակասութիւն մը. մէկ կողմէ «միասնականութեամբ եւ հաւատքով է, որ պէտք է դիմագրաւենք գալիք բոլոր հանգրուանները պատմութեան» գեղեցիկ խօսքը կը գրուի, իսկ միւս կողմէ կը մերժուի այդ հրամայականի իրագործման մեքանիզմին ու միասնականութեան մարմնաւորումը եղող ձեւաչափին` Հայկական երեսփոխանական պլոքի կազմութիւնը: Վերջինիս նկատմամբ յանձնառութեան բացակայութիւնը այդպիսի տողերուն կու տայ փուճ խօսքերու հնչականութիւն:

Հայ ազգային կուսակցութիւնները ունին ամէն տարի 24 ապրիլի նախօրեակին մէկ մարմինի մէջ միաւորուելու բազմամեայ փորձառութիւն մը, որ պէտք է զարգացնել եւ ժամանակաւորի ու անմիջականի սահմանէն դուրս բերելով դարձնել աւելի երկարատեւ` «յանուն նախ գաղութին, ապա համագաղութային եւ յատկապէս համայնքային շահերուն»: Ի վերջոյ մենք ենք ու պիտի մնանք անոնց պաշտպանը եւ ոչ թէ օտարը:

Ապրիլեան աւանդութիւնը կը սպասէ իր տրամաբանական զարգացումին` Հայկական երեսփոխանական պլոքի կազմութեան: Տրամաբանութիւնն ու լրջախոհութիւնը այս կը պահանջեն, եւ ոչ թէ` օտարներէ կազմուած պլոքները հայկականացնելու ցնորքը:

 

 

Ազրպէյճան Ինչպէ՞ս Կը Խեղաթիւրէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Բանաձեւերը. Մաս 2

$
0
0

 ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ      
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Անցեալ շաբաթ ներկայացուցի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի` 1993-ին ընդունած չորս բանաձեւերէն երկուքին խեղաթիւրումները Ազրպէյճանի կողմէ, իսկ այժմ կը ներկայացնեմ մնացած երկուքը:

Հատուածներ` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 874 բանաձեւէն, որ ընդունուած է 14 հոկտեմբեր 1993-ին.

«Կոչ կ՛ընէ շահագրգիռ կողմերուն` մնայուն եւ արդիւնաւէտ դարձնել հրադադարը, որ հաստատուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան կառավարութեան oժանդակութեամբ ձեռնարկուած ուղիղ շփումներու իբրեւ արդիւնք` առ ի զօրակցութիւն Մինսքի խումբին»:

«Համոզում կը յայտնէ, որ հակամարտութենէն բխող մնացած բոլոր հարցերը… պէտք է արագօրէն լուծուին խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի գործընթացի համագրութեան մէջ»:

«Կոչ կ՛ընէ անմիջապէս իրականացնել փոխադարձ եւ հրատապ քայլեր, որոնք նախատեսուած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի «Նորացուած ժամանակացոյց»-ի մէջ, ներառեալ` վերջերս գրաւուած տարածքներէն զօրքերու դուրս բերումը եւ կապի ու երթեւեկութեան բոլոր խոչընդոտներու վերացումը»:

«Կոչ կ՛ընէ բոլոր կողմերուն` ձեռնպահ մնալ մարդասիրական միջազգային իրաւունքի բոլոր ոտնահարումներէն եւ կը վերահաստատէ իր 822 (1993) եւ 853 (1993) բանաձեւերուն մէջ ընդունուած կոչը` հակամարտութեան պատճառով տուժած բոլոր շրջաններուն մէջ մարդասիրական միջազգային օգնութեան գծով առանց խոչընդոտի մուտք ապահովելու համար»:

«Կոչ կ՛ընէ տարածաշրջանի բոլոր պետութիւններուն` ձեռնպահ մնալ թշնամական գործողութիւններէ եւ որեւէ միջամտութենէ կամ ներխուժումէ, որ կը յանգեցնէ հակամարտութեան ընդլայնման եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու անվտանգութեան խաթարման»:

Ազրպէյճան խախտած է վերոնշեալ դրոյթներէն իւրաքանչիւրը: Բացի հրադադարի դրութեան յաճախակի խախտումներէն, 2016-ի ապրիլին ազրպէյճանական ուժերը յարձակեցան Արցախի վրայ` հսկայական վնաս պատճառելով սահմանամերձ բնակավայրերուն եւ սպաննելով խաղաղ բնակիչներ: Կտրելով հայ տարեց գիւղացիներու ականջներն ու գլխատելով քանի մը հայ զինուորական ծառայողներ` Ազրպէյճանի զինուած ուժերը կատարեցին բարբարոսական արարք եւ` պատերազմական ոճիր…

Հատուած` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 884 բանաձեւէն, որ ընդունուած է 12 նոյեմբեր 1993-ին.

«Կոչ կ՛ընէ Հայաստանի կառավարութեան գործադրելու իր ազդեցութիւնը` Ազրպէյճանի Հանրապետութեան Լեռնային Ղարաբաղի շրջանի հայութեան կողմէ  822 (1993), 853 (1993) եւ 874 (1993) բանաձեւերու պահանջները կատարելու նպատակով եւ ապահովել, որ ներգրաւուած ուժերուն միջոցներ չտրամադրուին` իրենց զինուած արշաւը շարունակելու համար»:

Հայ պաշտօնեաները սովորաբար ո՛չ կ՛արձագանգեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերու վերաբերեալ ազրպէյճանական մեղադրանքներուն, ո՛չ ալ կը փորձեն յստակութիւն մտցնել անոնց մէջ: Միակ բացառութիւնը նախագահ Սերժ Սարգսեանի ընդգրկուն ելոյթն էր ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առջեւ, 24 սեպտեմբեր 2014-ին:

Նախագահ Սարգսեան յայտարարեց. «Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման մասին` չեմ կրնար չանդրադառնալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ պատերազմի տարիներուն ընդունուած չորս բանաձեւերուն, որոնք պարբերաբար կը շահարկուին Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ` իբրեւ իրենց ապակառուցողական քաղաքականութեան հիմնաւորում»:

«Խօսքը այն չորս բանաձեւերուն մասին է, ուր իբրեւ առաջնային եւ անվերապահ պահանջ` կը նշուէր ռազմական եւ թշնամական գործողութիւններու դադրեցումը, ինչ որ չիրականացուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ: Նոյնինքն Ազրպէյճանի կողմէ նշեալ բանաձեւերու հիմնարար պահանջները չկատարուելու պատճառով էր, որ անհնար դարձաւ անոնց  ամբողջական իրականացումը: Բանաձեւերուն մէջ կոչ կ՛ըլլար դադրեցնել խաղաղ բնակչութիւնը ռմբակոծելն ու օդային հարուածները եւ զերծ մնալ մարդասիրական միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու ոտնահարումէն, որոնց ի պատասխան` Ազրպէյճան կը շարունակէր ռմբակոծել խաղաղ բնակչութիւնը` տարբերութիւն չդնելով երեխաներու, կիներու, տարեցներու միջեւ` կոպտօրէն խախտելով մարդասիրական միջազգային իրաւունքի բոլոր իրաւական եւ բարոյական չափանիշները»:

«Եւ այսօր, Ազրպէյճանը, առանց ամչնալու, ընտրողաբար յղում կը կատարէ այդ բանաձեւերուն, համագրութենէն կտրուած կը մեկնաբանէ զանոնք` իբրեւ հարցի լուծման նախապայման: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերու համարժէք մեկնաբանումը անկարելի է` առանց հոն ամրագրուած պահանջներու աստիճանակարգի ճիշդ ընկալման»:

«Բանաձեւերուն մէջ ամրագրուած պահանջներէն են նաեւ` տարածաշրջանին մէջ տնտեսական, հաղորդակցութեան ուղիներու եւ ուժանիւթի կապերու վերականգնումը (ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի 853 բանաձեւ), հաղորդակցութեան ուղիներու վերականգնման խոչընդոտներու վերացումը (ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի 874 բանաձեւ): Գաղտնիք չէ, որ հակամարտութեան սկիզբէն իսկ Ազրպէյճան եւ Թուրքիա շրջափակում կը կիրարկեն Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ: Ազրպէյճանի նախագահը իր ելոյթներուն մէջ նոյնիսկ ատով կը հպարտանայ` իր երկրի ժողովուրդին խոստանալով, որ այդ ուղղութիւնը պիտի մնայ Ազրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնը»:

«Ապահովութեան խորհուրդի նշեալ բանաձեւերուն մէջ կոչ կ՛ըլլայ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն` ուղիղ շփումներ հաստատելու Լեռնային Ղարաբաղի հետ: Ազրպէյճան ոչ միայն ուղիղ շփումներ չի հաստատեր Լեռնային Ղարաբաղի հետ, որ, ի դէպ, 1994-ի հրադադարի եւ շարք մը միջազգային այլ համաձայնագրերու իրաւահաւասար կողմ է, այլեւ թշնամանք կը քարոզէ ժողովուրդի մը հանդէպ, զոր, իբր թէ, կը փափաքի տեսնել իր պետութեան կազմին մէջ»:

«Ոչ մէկ բանաձեւի մէջ Հայաստան ճանչցուած է իբրեւ հակամարտող կողմ: Մեր երկրին ուղղուած կոչերուն մէջ միայն կը խօսուէր «շարունակել ազդեցութիւն գործադրել» Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան վրայ (853, 884)` հակամարտութիւնը դադրեցնելու համար, ինչ որ Հայաստան լիարժէքօրէն իրականացուցած է, ու նաեւ ասոր շնորհիւ է, որ 1994-ին կնքուած է զինադադար: Բոլոր բանաձեւերուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղը յստակօրէն ճանչցուած է իբրեւ հակամարտող կողմ»:

«Ազրպէյճանի իշխանութիւնները չեն իրականացուցած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հիմնարար պահանջները, որոնց շարքին նաեւ` մարդասիրական չափանիշներու իրագործումն ու պահպանումը»:

«Ի դէպ, այս պահանջը եւս պարբերաբար եւ կոպտօրէն կը խախտուի Ազրպէյճանի կողմէ, երբ գերեվարուած հայերու` խաղաղ բնակիչներու նկատմամբ դաժան եւ անմարդկային վերաբերում կը ցուցաբերուի, որ շատ յաճախ անոնց մահուան պատճառ կը հանդիսանայ: Թէեւ, կը կարծեմ, զարմանալը աւելորդ է. չէ՞ որ խօսքը պետութեան մը մասին է, ուր սեփական ժողովուրդն է, որ կ՛ենթարկուի ճնշումներու եւ անմարդկային վերաբերումի: Այս իրականութեան վառ վկայութիւնն էր ՄԱԿ-ի կտտանքներու դէմ ենթակոմիտէի առաքելութեան աշխատանքին օրեր առաջ ընդհատումը` իբրեւ հետեւանք պաշտօնական Պաքուի կողմէ դրսեւորուած վարքագիծին»:

«ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութիւնը միակ մասնագիտացուած կառոյցն է, որ երկու տասնամեակէ ի վեր կը զբաղի ղարաբաղեան հիմնահարցով` միջազգային հանրութեան կողմէ ստացուած յանձնարարութեամբ (mandate): Ազրպէյճան, քաջ գիտակցելով, որ անկարելի է խաբել կամ թիւր տեղեկութիւն հրամցնել հարցին էութեան մէջ խորացած Մինսքի խումբին, կը ջանայ հարցին լուծումը տեղափոխել այլ հարթակներ` փորձելով հարցին հաղորդել տարածքային վէճի բնոյթ կամ շահարկելով կրօնական համերաշխութեան գործօնը: Ասոնք կատարեալ անհեթեթութիւններ են: Իսկ Հայաստան աւանդաբար ջերմ յարաբերութիւններ ունեցած է իսլամութիւն դաւանող ժողովուրդներու հետ` ի դէմս արաբական աշխարհի կամ, օրինակ, մեզի անմիջական դրացի Իրանի»:

Կը փափաքէի ամփոփել` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի չորս բանաձեւերու խեղաթիւրումներուն վերաբերեալ ելոյթիս հիմնական կէտերը.

1) ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը ընդունուած են 1993-ին` Արցախի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատերազմի թէժ ժամանակաշրջանին: Այդ բանաձեւերը կը ցոլացնեն այդ ժամանակուան պայմանները: Այդ ժամանակէն ի վեր իրավիճակը կտրուկ փոխուած է:

2) Հակառակ 1994-ին Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ստորագրուած հրադադարի դրութեան, վերջինս կը շարունակէ խախտել հրադադարը եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին բանաձեւերը` Արցախի եւ Հայաստանի վրայ իր յաճախակի յարձակումներով:

3) Ազրպէյճան դէմ կ՛արտայայտուի բանակցութիւններուն Արցախի մասնակցութեան` ասով իսկ խախտելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին բանաձեւերը:

4) Արցախեան հակամարտութեան պաշտօնական միջնորդները Մինսքի խումբի համանախագահներն են, որոնք կը ներկայացնեն` Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Ռուսիան, այլ ոչ թէ` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, ոչ ալ` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը:

5) Իրականութեան մէջ, երբ 2008-ին Ազրպէյճան Արցախի հարցը բերաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը, Մինսքի խումբի երեք համանախագահները դէմ քուէարկեցին: Ազրպէյճանի առաջարկը ընդունուեցաւ միայն կարգ մը պետութիւններու կողմէ: Ճնշող մեծամասնութիւնը ձեռնպահ մնաց:

6) Շրջափակելով Արցախը` Ազրպէյճան կը խախտէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին չորս բանաձեւերը:

7) Կարեւորաբար, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին բանաձեւերուն մէջ Հայաստան կը յիշատակուի ոչ թէ իբրեւ հակամարտութեան կողմ, այլ միայն իբրեւ միջնորդ` համոզելու Արցախի հայերը` ընդունելու այս բանաձեւերը: 23 փետրուար 2001-ին Ազրպէյճանի նախագահ Հայտար Ալիեւ խորհրդարանին մէջ ունեցած իր ելոյթով ընդունած է այդ փաստը. «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ չորս բանաձեւ ընդունուած է… Այդ չորս բանաձեւերուն մէջ գրուած է, որ գրաւող բանակը պէտք է հեռանայ Ազրպէյճանի գրաւեալ տարածքներէն… Բայց «Հայաստան» բառը չկայ, այսինքն` «հայկական զինուած ուժեր» բառերը չկան: Սակայն բանաձեւերէն մէկուն մէջ գրուած է, որ Հայաստանէն պահանջած են` ազդեցութիւն գործադրել Լեռնային Ղարաբաղի վրայ: Իրականութեան մէջ սա հայ-ազրպէյճանական պատերազմ է: Իրականութեան մէջ Հայաստանն է, որ յարձակում իրականացուցած է Ազրպէյճանի դէմ: Այսուամենայնիւ, ոչ ոք Հայաստանը կը ճանչնայ իբրեւ յարձակող, միջազգային որեւէ կազմակերպութեան պատկանող փաստաթուղթի մէջ…»:

Ազրպէյճանցիները, որոնք կը շարունակեն խեղաթիւրել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի չորս բանաձեւերը, պէտք է հետեւին նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի յայտարարութեան եւ ձեռնպահ մնան` այդ բանաձեւերը խախտելուն մէջ Հայաստանը մեղադրելու առումով, երբ փաստացիօրէն Ազրպէյճանն է, որ չի կատարեր զանոնք:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Լեւոն Շանթի Գեղարուեստական Գրականութիւնը Հասկնալու Եւ Բաղդատելու Փորձ Մը (6 Ապրիլ 1869, Պոլիս – 29 Նոյեմբեր 1951, Պէյրութ)

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Լեւոն Շանթի գրականութիւնը ընդհանրապէս անկարելի է հասկնալ եւ տպաւորուիլ` առանց անդին անցնելու գրուածի հեքիաթային անմիջականութենէն, առանց տեսնելու խորհրդանիշները, անկախաբար տուեալ ժամանակէն եւ պատմական անուններէն, քանի որ խորհրդանիշներու ետին գտնուող գաղափարները, ցանկութիւնները մարդն իսկ են, մարդը, որ կար երէկ, կայ այսօր. սէր, փառք, իշխանատենչութիւն: Իշխանատենչութեան հարցը այնքան տիրական է մեր օրերուն նաեւ, որ քիչ մը երեւակայութեամբ կը տեսնենք, որ «Կայսրը»-ի մէջ երեւցող անհոգի եւ աներազ ներքինի Վասիլ Լեկապէնը ամէնուրեք է, որ կը պահէ իշխանութեան լծակները, նոյնիսկ երբ կեանքի բեմին վրայ առաջին դէմքը չէ: Իշխանատենչութիւն, որ կը ձգտի այլ անբաւարարութիւններ եւ դատարկութիւններ բաւարարելու, ինչպէս` կեանք ապրելու կարելիութենէն զրկուած ներքինին:

Հոս կ’ուզեմ զուգահեռ մը ընել քաղաքական-իշխանութիւն, ընդդիմութիւն-փոփոխութիւն երեւոյթի մասին. այսինքն դէմքերը կը փոխուին, նոր անուններ կու գան, համակարգը կը մնայ, système: Այս երեւոյթը զբաղեցուցած իմաստասիրական, փիլիսոփայական եւ  գրական-թատերական միտքը: Արեւմուտքի մէջ գրուած գիրքեր եւ թատերական երկեր կան` ստորագրուած մեծ դէմքերու կողմէ, որոնք կ’արծարծեն այս մնայուն հարցը: Յիշենք Ժան-Փոլ Սարթրի գրականութիւնը, իր շատ ժողովրդական երկու թատերախաղերը, «L’engrenage» եւ «Les mains sales», առաջինը չկարողացայ թարգմանել, երկրորդը` «ԱՂՏՈՏ ՁԵՌՔԵՐԸ», քաղաքական խարդաւանանքի մէջ աղտոտող ձեռքերը: Երբ իշխանութիւնը կը փոխուի նորի համար, քննադատելով նախորդը` իշխանութեան ներքին տրամաբանութիւնը ներկայացնող ուժը կու գայ եւ կ’ըսէ, որ հիմա նոյնը պիտի ըլլայ ուղղութիւնը: Այս ըմբռնումով պէտք է դիտել «ՇՂԹԱՅՈՒԱԾ» երկի հանգուցային միտքը. իշխանաւորը կը փոխուի, իշխանութիւնը կը մնայ: Ժան-Փոլ Սարթրի հերոսը, որ ահաբեկած էր ղեկավարը` նոր իշխանութիւն ստեղծելու համար, կը տեսնէ իր արարքին փուճ ըլլալը, երբ յաջորդը կը հետեւի նոյն ուղիին: «ՇՂԹԱՅՈՒԱԾ»-ի հերոսը նոյն վիճակի խորհրդանիշն է:

«ՕՇԻՆ ՊԱՅԼ»-ը, իմ հայեցողութեամբս, ամէնէն աւելի կը պատկերացնէ հայ քաղաքական միտքի դեգերումները` սկսելով վաղ ժամանակներէն: Պէտք է յիշել մեր պատմութեան տխուր պահերը, մրցակցութիւնները, անհասկացողութիւնները, անոնցմէ ամէնէն գլխաւորը, որուն մասին ոչ ոք մտածած է եւ կը մտածէ վէպ կամ թատերական երկ գրել, կը վերաբերի հայոց թագաւորութեան անկման, որուն վերջին թագաւորը գահընկէց եղաւ հայ իշխաններու դիմումով:

Պարզ է, որ մտածողին, իմաստասէրին, գրագէտին, թատերագրին համար մարդկային երազներու, զգացումներու եւ սկզբունքներու կառչելու մղումները կը կրկնուին ժամանակի ընթացքին, բայց իւրաքանչիւր սերունդ կը կարծէ, որ ինք բացառութիւն է: Այս կը յիշեցնէ նաեւ Սիկմունտ Ֆրէօյտի` ըլլալու համար «հայրը սպաննելու» հոգեկան բարդոյթը, որ ե՛ւ անհատական է ե՛ւ հաւաքական, այսինքն կը դրսեւորուի ընկերային կեանքի եւ քաղաքականութեան մէջ:

Եթէ Լեւոն Շանթի գործերու յիշատակութեան մասին խօսքիս ընթացքին գրեթէ չյիշեցի «ԻՆԿԱԾ ԲԵՐԴԻ ԻՇԽԱՆՈՒՀԻՆ» երկը, պատճառը այն է, որ իմ հայեցողութեամբ, այս երկը ամէնէն աւելի բեմականն է, ամէնէն աւելի նուազ քաղաքական եւ իմաստասիրական խորհրդանիշներ ունեցող, բայց` ամէնէն մարդկայինը, զգայունը եւ անհատապաշտականը: Պարզ. ամէնէն արդիականը կարելի է կոչել, համամարդկայինը, ժամանակակիցը, նաեւ` մեր ազգային սահմաններէն դուրս: Արդարեւ, սէր, վրէժ, փառասիրութիւն, կիրք, ազնուութիւն, ծայրայեղութիւն կ’ագուցուին: Հակառակ անոր որ ժամանակը միջնադարն է, հայկական Կիլիկիան է տեղը, հերոսները հայ են, բայց մարդկային յարաբերութիւններու բարդ հանգոյցը համամարդկային է:

Վերջապէս, ընթացիկ տրամաբանութեամբ եթէ դիտենք Լեւոն Շանթի հերոսները, անոնք թաթխուած են ողբերգութիւններու մէջ, բայց իրենց վերաբերումը այդպէս չէ, քանի որ վեր բարձրանալու, գերանցելու, հասարակ մահկանացուներէն անջատուելու իրենց կամքը կը վկայէ տեսիլքի մը մասին, մարդուն մէջ` մարդը յաղթող: Այս կացութիւնը ինծի կը յիշեցնէ «Ուրիշի համար»-ի ներկայացումէն ետք մամուլով ունեցած արտայայտութիւնս, որ դժգոհութիւն յառաջացուց: Հերոսուհին իր կեանքը կը զոհէ ուրիշի համար: Դերը մեկնաբանուած էր եղերամայրի պէս, ինչ որ անյարիր է Լեւոն Շանթի տիպարին, քանի որ այդ ընտրանքը կը յայտնաբերէր եսէն անդին անցնող ոգի մը, որ զինք վեր կը դասէր մարդոց մեծամասնութենէն:

Գրականութեան եւ ընդհանրապէս արուեստներու պարագային, իսկական արժեւորումը կու գայ, երբ երկը կամ գործը դուրս կու գայ քաղաքի մը, թաղի մը, համայնքի մը շրջանակներէն եւ միջազգային հրապարակ կը հասնի: Նախ ի հարկէ սեփական ժողովուրդը ինք պիտի ճանչնայ իր հոգեկան աշխարհի հայելին ըլլալու կոչուած հեղինակը եւ անոր երկը, եւ ճանաչումը պէտք է ըլլայ նաեւ դուրսը, մարդոց կողմէ, որոնք այս կամ այն ձեւով չեն նախատրամադրուած: Թարգմանուած եւ այլ ժողովուրդներու կողմէ դիտուած երկը նոր դիմագիծ կը ստանայ` սեփականի եւ տեղականի անհարթութիւնները սրբագրելով: Եթէ Լեոն Շանթի թատրոնը թարգմանուէր եւ բեմադրուէր այլ լեզուներով եւ տարբեր երկիրներու մէջ, ան տարբեր հնչեղութիւն կ’ունենար, մենք ալ լսելով այլ կարծիքներ` տարբեր որակ կու տայինք մեր դատումներուն: Ինչ որ կ’ըսեմ, չի վերաբերիր միայն Լեւոն Շանթի, այլ նաեւ` ժամանակակից գրողներու: Մենք երբ կը լսենք, որ դէպքը կը պատահի Հայաստան կամ Կիլիկիա, արդէն յուզական կերպով կանխատրամադրուած կ’ըլլանք: Օտար ընթերցողը կամ հանդիսատեսը զերծ է դատում-գնահատումը շեղեցնող այդ զգացական ազդակէն:

Գրական կամ թատերական երկը պէտք է հասնի զանգուածներու, ոչ միայն` սեփական: Օրինակ, ճափոնցի ժամանակակից գրող Հարուքի Մուրաքամայի նոր գիրքը լոյս տեսած է կէս միլիոն տպաքանակով եւ արդէն կը թարգմանուի տարբեր լեզուներու: Ի՞նչ է կացութիւնը հայերէն երկին եւ հայկական թատրոնին` որպէս տպաքանակ եւ հանդիսատեսի համրանք: Կը յաջողի՞նք մեր նեղ սահմաններէն դուրս գալ: Հարկ է խօսիլ այս հարցերուն մասին, որպէսզի աճին եւ ճանաչում գտնեն հայ  գրականութիւնը, թատրոնը եւ արուեստները ընդհանրապէս:

Լեւոն Շանթի մեր գնահատումը եւ արժեւորումը տարբեր կ’ըլլայ, պիտի ըլլար, եթէ տարբեր ժողովուրդներ լսած եւ դատած ըլլային, ինչպէս այդ եղած է եիտիշ լեզուով գրողին, չին գրողին, պիելոռուս Սվեթլանա Ալեքսիեւիչին համար: Այդ պարագային միայն կրնանք խօսիլ գրական եւ թատերական համամարդկային իրաւ արժէքի մասին: Իսկ մեր գրական քննադատութիւնը դեռ չէ ըսած, թէ մեր գրողներու եւ արուեստագէտներու գործին ո՞ր մասը, առարկայական գնահատումով, պիտի դիմանայ ժամանակի վճիռին եւ դառնայ մնայուն արժէք:

Լեւոն Շանթ կ’անջատուի մեր գրական եւ թատերական անդաստանի միջինէն: Բայց այդ անջատումը` միջազգային արժէքներու բաղդատած, մինչեւ ո՞ւր կը հասնի: Ես համեստօրէն չեմ կրնար պատասխանել:

Եզրակացնելու համար կ’ուզեմ ըսել նաեւ հետեւեալը: Ամպագորգոռը կամ երկարապատումը անպայման գեղեցիկ չէ: Պէտք է ձգտիլ պարզին վսեմութեան: Յիշեմ բոլոր ժամանակներու մեծագոյն կատակերգակներէն Մոլիէրի «Ագահը»-ի տեսարանը, երբ Ագահը, գողութեան կասկածով կ’ըսէ իր ծառային. «Ցոյց տո՛ւր ձեռքերդ: (Ահաւասիկ): Միւսները»: Հինգ բառ եւ ամբողջ կացութիւն մը, ո՛չ բարոյախօսութիւն եւ ո՛չ ալ տպաւորելու մարմաջ:

Գրականութիւն, թատրոն, բեմ, արուեստներ` այս բիւրեղացումով եթէ կը հասնին համամարդկային մակարդակ եւ կը գերանցեն ժամանակը, զաւեշտը կը դառնայ կատակերգութին:

Սեպտեմբեր 2017, Երեւան
(Շար. 4 եւ վերջ)

Համաժողով` Նուիրուած Մայիս 28-ի Հարիւրամեակին Անվերծանելի Խորհուրդին. (Նախաձեռնութիւնը Դարձեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին)

$
0
0

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան  հարիւրամեակի  նշումը կազմակերպող ու համակարգող յանձնախումբը կարելի չեղաւ գործի մղել Հայոց ցեղասպանութեան համազգային յանձնաժողովին համազօր հեղինակութեամբ. թէ ինչո՞ւ, յստակ չէ: Փաստօրէն, սակայն, այդ թերացումը սրբագրեց Կիլիկիոյ հայրապետ  Արամ Ա. կաթողիկոսը:  Նման յանձնաժողովի մը անհրաժեշտութիւնը կը բխէր այդ տօնախումբին տալու նոյն հնչեղութիւնը, ինչ որ` Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնաժողովին,  որովհետեւ կարեւորութիւնը  տեսանելի է առաջին իսկ անդրադարձին, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք  անհրաժեշտութիւնը  մեր նորագոյն պատմութեան ճշգրիտ իրականութիւնը փոխանցելու` առանց անտեղի ժամանակի կորուստի:

Այդպէս չեղաւ դժբախտաբար, եւ ուրեմն անակնկալ մը չէր բնաւ, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հովուապետը` Արամ Ա. վեհափառը, փաստօրէն ներկայացուցիչը հայոց սփիւռքին, իր շուրջը հաւաքեց իր բոլոր զաւակները` տօնելու, վեր առնելու Հայաստանի անկախութեան ու  հայ պետականութեան վերահաստատման հարիւրամեակը` կատարելով այդ հանդիսութիւններու նուիրուած համաժողովին բացումը  22-24 մարտ 2018-ին,  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի վեհարանին  մէջ:

Իր շուրջ հաւաքեց հայրենի ու սփիւռքի  պատմաբաններ եւ  մտաւորականներ, որոնք երեք օրուան ընթացքին վերլուծեցին, քննարկեցին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման նշանակութիւնն ու պատմաքաղաքական ենթահողը, անոր դերը` հայկական իրաւունքներու հետապնդման գործին մէջ, Հայաստանի խորհրդայնացման ընթացքն ու անոր հետեւանքները, Հայաստանի Հանրապետութեան  դերը` մեր իրաւունքներու պահանջատիրութեան աշխատանքներու հետապնդման մէջ: Մանաւանդ նաեւ անկախութեան գաղափարականի գիտակցութիւնն ու պահպանումը`  թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ, առանց մռռնալու Հայ եկեղեցւոյ դերն ու նպաստը` Հայաստանի անկախութեան,  կերտման, պահպանման  ու հզօրացման մէջ:

Ընդարձակ ու ծաւալուն նիւթեր, որոնք երեք օրերու վրայ սահմանափակ ժամանակի մէջ առաւելագոյն չափով ու կարելի ճիգով ներկայացուեցան, եւ ապա  քննարկուեցան` թեր ու դէմ կարծիքներ արտայայտելով: Անվարան կարելի է ըսել, որ համաժողովին բարձրացուած բոլոր հարցերը քննուեցան գիտական փաստարկումներով ու տուեալներով` մանրազնին ուսումնասիրութիւններու  իբրեւ արդիւնք:

Ուրախանալի երեւոյթ էր տեսնել գերակշռող թիւ` հայրենի պատմագէտներուն,  որոնց վերլուծութիւններն ու  մեկնաբանութիւնները  կը հաստատէին պատմութեան այս ժամանակահատուածին  մասին իրենց ուսումնասիրութիւններու  խորութիւնն ու ծաւալը:  Քաջատեղեակ եւ բծախնդրօրէն ուսումնասիրած ըլլալու հանգամանքը կը հաւաստիացնէ նաեւ, որ մօտ է պահը պատմութիւնը վերականգնելու ճշգրիտ արժեւորումներով:

Զգալի էր մայիս 28-ի թեւածող ոգին, որ կրկներգի մը նման կը հնչէր զանազան զեկուցողներու ելոյթներուն մէջ, թէ` մեր ժողովուրդը լքուած իր ճակատագրին, առանձին, կոտորակուած, արիւնաքամ ու սպառած, սակայն համազգային ճիգով  մը ծառացած  Հայաստան ներխուժող թուրք ու թաթար խուժաններուն դէմ եւ ինքզինք գերազանցելով կասեցուցած էր համաթուրանական հորդաները եւ` յարութիւն արած: Հրաշք էր տեղի ունեցածը: Եղեռնէն ճիշդ երեք տարի ետք միայն, տակաւին Եղեռնի վէրքերը բաց` հայ զինուորը դարերու ստրկութեան շղթաները կը փշրէր, ու հայ ժողովուրդը կը ներկայանար աշխարհին հայ պետականութեամբ, որուն առաջին ճանչցողը կ՛ըլլար նոյնինքն պարտուած Թուրքիան: Մայիս 28-ով հայ նոր մարդն էր, որ կը յառնէր իր ազգային-քաղաքական պահանջները հետապնդելու, եւ կը բացուէր մեր նոր ժամանակներու, նոր պայքարի նոր առաւօտը, որ սակայն շատ կարճ տեւեց:  Տակաւին նոր ձեւաւորուող պետական վարչամեքենայի կազմակերպումը չաւարտած եւ Սեւրի դաշնագիրով միացեալ Հայաստանի սահմաններու ճշդումը միջազգայնացնելու աշխատանքին մէջ` Հայաստան կ՛անցնէր պոլշեւիկեան վարչակարգի տակ եւ կը սկսէր ուրիշ  դժուարին ճանապարհ մը:

Համաժողովը անդրադարձաւ  նաեւ մայիս 28-ն արժեւորելու եւ անոր արդար տեղ տալու, պատմութիւնը  վերականգնելու միանգամ ընդմիշտ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան  պարտաւորութեան: Հնչեց նաեւ առաջարկ  թելադրանք մը` նշել մայիս 28-ը որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օր, իսկ սեպտեմբեր 21-ը` վերանկախացման օր:

Ի հարկէ կարելի չէր երեք օրերու ընթացքին  երկուքուկէս տարուան պետականութեան, քաղաքական, միջազգային, շրջանային եւ կազմակերպչական կոթողային աշխատանքներու մասին ուսումնասիրական զեկոյցները սպառել:  Սակայն մեծապէս գնահատուեցաւ  համաժողովի նախաձեռնութեան մտայղացումը իրականացնող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը,  որ Հայ եկեղեցին կը պահէ առաջնորդողի դերակատարութեան մէջ` հովուելով սփիւռքացած զանգուածները հայրենիքի տեսլականով եւ հայ մշակոյթի արժէքներով: Եւ յիրաւի, Գարեգին Ա. Յովսէփեանցի ոգիով եւ անոր ուղիով առաջնորդուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը անցնող հարիւրամեակին մայիս 28-ի ոգիով առաջնորդեց եւ վառ պահեց վտարանդի, գաղթական ու  տարտղնուած հայ ժողովուրդի բեկորները:

Այդ աւանդը ամուր կերպով պահուեցաւ ի հեճուկս քաղաքական բոլոր ոտնձգութիւններուն`  նսեմացնելու մայիս 28-ի խորհուրդը, մինչեւ այն  օրը, երբ այս անգամ մայիս 28-ով  կերտուած Սարդարապատէն ղօղանջեցին զանգերը անկախութեան: Այս անգամ   եւս  մեր ժողովուրդը հաւաքական կամքով արտայայտեց եւ հաւաքական մտածողութեամբ ձեւաւորեց ազատ, անկախ Հայաստանը` թօթափելով խորհրդային քարացած եւ օտարող վարչաձեւը:  Տասնամեակներով պահուած ու փայփայուած եռագոյն դրօշն ու քայլերգը յանձնուեցան անոր իրաւատիրոջ` ազատ ու անկախ Հայաստանի նոր հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդին:

Կրկին անգամ բախտորոշ ու փայլուն իրագործում մըն էր երրորդ հանրապետութեան ստեղծումը, որ այսօր կոչուած է բազմաթիւ հրամայականներու` սրբագրել պատմութեան էջերուն մէջ մեր ժողովուրդը պառակտող, արատաւորող, բաժանարար քաղաքական դէմքերն ու  դէպքերը:  Եւ կրկին անգամ արեւմտահայ ու արեւելահայ  զանգուածները վերածել մէկ քաղաքական մտածողութեան ու մէկ ամբողջութեան` դիմագրաւելու համար նոյնքան վտանգաւոր շրջանային եւ միջազգային  քաղաքական սադրանքներ, որոնք կը սպառնան տակաւ ինքզինք գտնող մեր հայրենիքին:

Մայիս 28-ն հրաշալի նախադրեալ մըն է այս առաջարկին` իր թելադրականութեամբ հաւաքական մտածողութեան, միասնական գործունէութեան եւ աննահանջ ու  յարատեւ պայքարի, յանուն ամբողջական Հայաստանի եւ ամբողջական հայութեան:

Վեհափառ հայրապետը իրաւ ճարտարապետն  էր այս համաժողովի կազմակերպման` մայիս 28-ը վերածելով կիզակէտի` արժեւորելու ոչ միայն անցեալը, այլեւ ներկայ  համակարգը  ի Հայաստան եւ ի սփիւռք` յանձնառու դարձնելով այսօրուան հրամայականներուն:

Իսկ մայիսեան անկախութեան նուիրուած կոթողը` բարձրացած Անթիլիասի մայր տաճարի աջին եւ ապրիլեան եղեռնագործութեան յուշակոթող մատուռը ձախին, երկու  յուշարարներ են, որոնք կը  պատգամեն գալիք սերունդներուն` նայիլ Ցեղասպանութեան յուշակոթողին եւ անցեալի յանցագործութիւնները վկայելով ներշնչուիլ մայիսեան յուշակոթողի պատգամով` հաւատալով  մեր ժողովուրդին վերապրելու եւ յաղթելու կամքին,  հաւատալով հրաշքի զօրութեան եւ առաջնորդուիլ անոր խորհուրդով` կերտելու մեզ սպասող ամբողջական միացեալ եւ մէկ Հայաստանը:

29 մարտ 2018   


Հովանաւորութեամբ Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Լիբանանահայ Ատամնաբուժներու Միութիւնը Մեծ Շուքով Կը Նշէ Միութեան Հիմնադրութեան Արծաթեայ Յոբելեանը

$
0
0

Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, ներկայութեամբ ատամնաբուժներու սենտիքայի նախագահ տոքթ. Քարլոս Խէյրալլայի, Լիբանանահայ ատամնաբուժներու միութիւնը ( A.D.A.L. Association des Dentistes Arméniens du Liban)  16 մարտ 2018-ին ընթրիքով մը նշեց  իր արծաթեայ յոբելեանը`  հիմնադրութեան 25-ամեակը: Այս յատուկ առիթով միութեան վարչութիւնը պատուեց լիբանանահայ եօթը երէց ատամնաբուժներ` աւելի եւս հետաքրքրական դարձնելով յոբելեանը:

Արդարեւ, ներկայութեամբ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի, Լիբանանեան համալսարանի եւ Արաբական համալսարանի ատամնաբուժական բաժանմունքներու տնօրէններուն, ինչպէս նաեւ` ատամնաբուժական լիբանանեան տարբեր միութիւններու ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ մասնաւորաբար հայ ատամնաբուժներու հոծ բազմութեան մը, Էշրեֆիէի «Le Maillon» շքեղ ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր նշումը Հայ ատամնաբուժներու միութեան հիմնադրութեան 25-ամեակին:

Հակիրճ տեղեկութիւններ տալու համար ըսենք, որ  Հայ ատամնաբուժներու միութիւնը հիմնուած է 25 հոկտեմբեր 1993-ին, երբ խումբ մը հեռատես բժիշկներ գաղափարը կ՛ունենան ստեղծելու համախմբում մը, որ թէ՛ օգտակար ըլլայ իրենց անմիջական գիտական նորութիւններ հաղորդելու համար, թէ՛ ընկերային մթնոլորտ մը ստեղծելու  տարբեր համալսարաններէ վկայուած հայ ատամնաբուժներու միջեւ եւ թէ՛ Լիբանանի նման համայնքային դրութիւն ունեցող երկրի մը մէջ ապահովէ հայ բժիշկին  իրաւունքները կամ ի հարկին նուազագոյն աջակցութիւնը` սենտիքայի միջոցով:

Այս համախմբումին առաջին ջատագովը կ՛ըլլայ տոքթ. Զարեհ Ուզունեանը, որուն շուտով կը միանան` տոքթ. Հրայր Աւագեանը, Լեւոն Նալչայեանը, Փոլ Աւետիսեանը, Միսաք Ճապրայեանը եւ աւելի ուշ կը կազմեն առաջին վարչութիւնը` տոքթ. Հրայր Աւագեանի ատենապետութեամբ:  Հիմնադիր վարչութիւնը յանձնառութիւն կը յայտնէր միութեան կողմէ պաշտպան կանգնելու Լիբանանի ու մայր հայրենիքի մէջ հայ ատամնաբուժներուն եւ օգտակար ըլլալու կարելի ամէն ձեւով, օրինակ` Հայաստանի մէջ կազմակերպելով գիտական բժշկական դասընթացքներ:

Միութիւնը ամէն  երկու տարին կ՛ընտրէ իր վարչութիւնը` կազմուած 7-9 անդամներէ:

Միութեան իրերայաջորդ վարչութիւնները կազմակերպած են ընդհանրապէս գիտական հանդիպումներ` Լիբանանահայ բժիշկներու միութեան Մար Մըխայէլի կեդրոնին մէջ, իսկ միութեան ներկայացուցիչները  ներկայ գտնուած են  ատամնաբուժական  տեղական այլազան հանդիպումներու եւ ժողովներու:

Երեկոն սկսաւ հիւրերու գեղեցիկ ընդունելութեամբ, երբ միութեան ներկայի ատենապետ տոքթ. Յակոբ Լոզոյեանը եւ առաջին վարչութեան ատենապետ տոքթ. Հրայր Աւագեանը հիւրերը ընդունեցին` բարի գալուստի յիշատակելի լուսանկարով մը անոնց հետ: Այնուհետեւ իւրաքանչիւր ժամանող ուղղուեցաւ իր սեղանը:

Բարի գալուստի պաշտօնական խօսքը արտասանեց տոքթ. Սոնա Տեմիրճեանը: Ան ըսաւ. «Այսօր պատիւը եւ ուրախութիւնը ունինք Լիբանանահայ ատամնաբուժներու միութեան 25-ամեայ յոբելեանը միասին նշելու: Շնորհակալ ենք բոլոր պաշտօնական հիւրերուն` մեր հրաւէրին ընդառաջելուն համար: Այսօր 7 ատամնաբուժներ պիտի պարգեւատրուին, անոնք  իրենց կեանքին մեծ մասը այս մասնագիտութեամբ ապրեցան եւ իրենց ապրած ընկերութեան ծառայեցին` փարատելով մեծաթիւ մարդոց ցաւերը: Ան նաեւ ընդգծեց, որ բժշկութեան մէջ հայոց ներդրումը նորութիւն մը չէ: Անոնք աւելի քան մէկ դար է, որ ներկայութիւն են Լիբանանի մէջ»:

Անկէ ետք խօսք առաւ միութեան ատենապետ տոքթ. Յակոբ Լոզոյեանը, որ ըսաւ. «Այս միութեան հիմնադրութեան օրէն գլխաւոր նպատակները եղան նեցուկ կանգնիլ հայ ատամնաբուժներուն Հայաստանի մէջ եւ հոս` մատակարարելով պէտք եղած գիտական նորութիւնները եւ օգտակար ըլլալով կարիքաւոր պարագաներու, որոնք այլապէս ատամներու խնամք պիտի չկարենային ստանալ: Այսպէս, արդէն 1995-ին, երբ մայր հայրենիքը տակաւին պատերազմէ նոր ելած էր, լիբանանահայ ատամնաբուժներու խումբ մը  կը հասնէր Երեւան եւ  յատուկ դեղորայք փոխադրելով` կը տրամադրէր շարք մը  դարմանատուներու,  նոյնիսկ հասնելով 1988-ի ողբերգական երկրաշարժէն ազդուած կեդրոններ: Երկրորդ առաքելութիւնը դէպի Հայաստան տեղի կ՛ունենար 1997-ին, երբ մեծ թիւով ատամնաբուժներ Պէյրութէն կ՛ուղղուէին Երեւան` մասնակցելու Ատամնաբուժական առաջին միջազգային գիտաժողովին: Արդարեւ, ԱՏԱԼ-ը, անդամ ըլլալով Միջազգային հայ ատամնաբուժներու միութեան, իր ամբողջական աջակցութիւնը ցուցաբերեց այս իւրայատուկ առիթին: Աւելի ուշ ԱՏԱԼ-ը նիւթական հետեւողական օժանդակութիւն ցոյց տուաւ Արցախին` ստանձնելով  Շուշիի մէջ հաստատուած դարմանատան ատամնաբուժական մասնագիտացած հիւանդապահուհիի մը ծախսերը: Այս դարմանատան հովանաւորութիւնը ստանձնած էր Հայ-քանատական բժշկական միութիւնը, որուն հետ կը գործակցէր ԱՏԱԼ-ը` երեխաներու ատամնածին հիւանդութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ»:

Ան շարունակեց` ըսելով. «Լիբանանի մէջ ալ շատ աշխուժ գործունէութիւն ունեցաւ ԱՏԱԼ-ը: Գրեթէ եռամսեայ դրութեամբ դասախօսական հաւաքոյթներ կը կազմակերպուէին` մէկտեղելով մեծաթիւ հայ ատամնաբուժներ եւ բարձրորակ գիտական դէմքեր եւ համալսարանական դասախօսներ»,  եւ աւելցուց. «Հոս հարկ է յիշել եւ գնահատել միութեան իրերայաջորդ ատենապետները` տոքթ. Հրայր Աւագեանը, տոքթ. Մորիս Ճանպաթեանը, տոքթ. Յակոբ Լոզոյեանը, տոքթ. Սեպուհ Մանճեանը եւ այժմ տոքթ. Յակոբ Լոզոյեանը, ինչպէս նաեւ բոլոր վարչութիւններուն մաս կազմած անդամները եւ նախարար տոքթ. Սեպուհ Յովնանեանը, որուն  ճիգերուն շնորհիւ` միութեան պետական արտօնագիրի արձանագրութիւնը տեղի ունեցաւ նոյեմբեր 1995-ին»:

Ապա ատամնաբուժներու սենտիքայի նախագահ տոքթ. Քարլոս Խէյրալլան իր սրտի խօսքը արտասանեց` ըսելով, որ այս միութիւնը իր դերը ունեցած է եւ տակաւին կը շարունակէ ունենալ:

Ան յայտնեց, որ միութեան անդամներէն ոմանք   ծանօթ են իրեն, եւ ինքզինք  հարազատ կը զգայ  անոնց հետ եւ աւելցուց, որ միասնաբար կարելի է աշխատանք տանիլ, որ սենտիքայի վարչութեան մէջ հայ ատամնաբուժ մըն ալ ներառուի, ինչպէս նախապէս եղած է:

Ան շնորհաւորեց բոլորը եւ յաջողութիւն մաղթեց միութեան հետագայ աշխատանքներուն:

Ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց  օրուան հովանաւորը` զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը: Մեծարգոյ նախարարը, վեր առնելով հայ ատամնաբուժները` իբրեւ համայնքին մէջ օգտակար անձեր, ըսաւ, որ այս համախմբումը օրինակելի երեւոյթ մըն է իր գործունէութեան նպատակայարմարութեամբ  ու օգտակարութեամբ: Ան շեշտեց, որ հայ անհատը միշտ կառուցողական խառնուածք ունեցած է` ըլլա՛յ բժիշկ կամ այլ, եւ Լիբանանի մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ ընկերութեան բոլոր խաւերուն մէջ:

Ապա տեղի ունեցաւ  օրուան գլխաւոր արարողութիւնը.  հայ վեց երէց ատամնաբուժներու երկարամեայ գործունէութիւնը արժեւորելով`  միութիւնը իւրաքանչիւրին յանձնեց 25-ամեակի յոբելենական յուշանուէրը:

Վեց ատամնաբուժներն են` տոքթ. Զարեհ Ուզունեանը, փրոֆ. Հրանդ Գալուստեանը, տոքթ. Ժերար Թապուրեանը, տոքթ. Արմենակ Եղիայեանը, փրոֆ. Լեւոն Նալչայեանը, տոքթ. Սեպուհ Յովնանեանը եւ  տոքթ. Մարտիրոս Նիկոլեանը, որոնք կը պատկանին  լիբանանահայ այն սերունդին,  որոնց  ծնողները ինքնաշխատութեամբ եւ մեծ զոհողութիւններով իրենց զաւակներուն տարրական ուսում ապահոված էին եւ աւելի ուշ` ատամնաբուժական մասնագիտութիւն:

Երեկոն շարունակուեցաւ ուրախ եւ ճոխ մթնոլորտի մը մէջ: Աւելցնենք, որ հրաւիրեալներու շարքին էին լիբանանեան ատամնաբուժական գրեթէ բոլոր միութիւններէ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` Լիբանանահայ բժիշկներու միութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեանը, որ սիրայօժար ընդառաջած էր հրաւէրին:

Վա՛րձքը կատար` միութեան վարչութեան այս յիշատակելի ձեռնարկին համար, վա՛րձքը կատար` այն ատամնաբուժներուն, որոնք արժանացան բարոյական վարձատրութեան միութեան յոբելեանին առիթով, եւ ի վերջոյ պէտք է գնահատել Լիբանանի հայ  գաղութը, որ  տնտեսական-ընկերային ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ ինքզինք կը  փաստէ եւ իր աշխուժ ներկայութիւնը կը ցուցաբերէ:

 

Ընտրական Քրոնիկ. Ինչո՛ ւ Եւ Որո՛ւն Կը Քուէարկենք

$
0
0

Ս. Մ.

Երբ քուէարկելու մասին կը խօսինք, մեր մտածումներն ու յիշողութիւնը պտոյտի չեն ելլեր դէպի հին ժամանակներ կամ միջնադար, երբ իշխանաւորները յաճախ «ի վերուստ տնօրինուած» էակներ էին եւ անոնց ըսածն ու արարքները անվիճելի էին ու անյեղլի:

Յետոյ, մարդկային ընկերութիւնը զարգացում ապրեցաւ, քաղաքական միտքի յառաջընթաց տեղի ունեցաւ, իշխանաւորի ու ենթակայի իրաւունքներու-պարտականութիւններու սահմանումներ տեղի ունեցան, այդ բոլորը մարդկութիւնը հասցուցին ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ տարազներու, որոնց մէջ կարեւոր գործօն է քուէն: Զանգուածը իրաւունք ու անկէ բխող պարտականութիւն շահեցաւ կարծիք յայտնելու անոնց մասին, որոնք կը յաւակնին մաս կազմել երկրի մը կամ հաւաքականութեան մը կառավարման: Քուէն իր պատուաւոր տեղը շահեցաւ պետական համակարգերու, կուսակցութեանց, կազմակերպ ընկերակցութեանց, մինչեւ իսկ… ընտանիքներու մէջ:

Ժողովուրդը կը քուէարկէ անոր` անհատ, կուսակցութիւն թէ ընտրական համախմբում, որուն հանդէպ վստահութիւն ունի, կը հաւատայ, որ ան մրցակիցներէն աւելի՛ ատակ է ըլլալու իր իրաւունքներուն ներկայացուցիչ-պաշտպանը, իսկական ծնունդն է ժողովուրդին, եւ ոչ թէ, հին դարերը յիշեցնող իշխանաւորներուն նման, ինքզինք կը սեպէ ի վերուստ ընտրեալ, անվիճելի հեղինակութիւն: Գիտակից քուէարկողը գիտէ, թէ իր այս իրաւունքը ծախու ապրանք չէ, աճուրդի չի դներ զայն:

Լիբանանցի հայ քուէարկող զանգուածը ա՛յս գիտակցութեամբ կ՛ուղղուի քուէատուփ. ան գիտէ, թէ Հայկական երեսփոխանական համախմբումը` պլոքը, Լիբանանի խորհրդարանին մէջ ի՛ր պատմութիւնը կերտած է, ապրած է վերիվայրումներ, ենթակայ դարձած է բազմատեսակ ազդեցութիւններու, որոնք փորձած են մեր ներկայացուցիչները մղել այս կամ այն հոսանքին հունին մէջ, սակայն թէ՛ քուէարկողը եւ թէ՛ թեկնածուն ու ընտրեալը հաստատած ու վերահաստատած են, որ հայուն քուէն կը տրուի Լիբանան-հայրենիքին եւ անոր լաւագոյն ծառայութիւնը մատուցելու պատրաստակամութիւնը ունեցողներուն. պատմութիւնը վկան է, որ Դաշնակցութեան գլխաւորած հայկական համախմբումը, խաղաղութեան թէ տագնապի օրերուն, Լիբանանի գերագոյն շահերուն հետ ներդաշնակած է հայ համայնքի իրաւունքները, մէկը չէ գերադասած կամ ստորադասած միւսին:

Քաղաքական հասունացում ապրած այս կեցուածքը ի զօրու է նաեւ այսօր: Քուէարկող ու թեկնածուներ հաւասարապէս տէրն են ու կիրարկողը այս արժէքին:

 

 

Այսպէս Դիմաւորեցինք Գարունը

$
0
0

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ

Գարնան եղանակը թեւակոխելով`  ջերմ մթնոլորտ մը կը տիրէր Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ: Վարժարանին բոլոր յարկերն ու գրասենեակները գոյնզգոյն ծաղիկներով զարդարուած էին: Դասարաններու մուտքի թէ ներսի պատի թերթերը կը ցոլացնէին գարունը:  Գարնանային աշխուժութիւնը տարածուած էր վարժարանին մէջ ամէնուրեք: Կրթական առօրեային կողքին, վարժարանը ունեցաւ ընկերային առօրեայ մը,  որ  աշակերտներուն փոխանցեց  դաստիարակիչ  այլ մթնոլորտ մը:    Մանկապարտէզի փոքրիկները դաշտ գացին` վայելելու նոր եղանակը, տաքուկ  բնութիւնը եւ պայծառ երկինքը: Մինչ նախակրթարանի դասարանները ներկայ գտնուեցան ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած «Մանուկներու օր» ձեռնարկին, ուր իրենց ներկայացումով տպաւորեցին շատերը: Միաժամանակ երկրորդականի տասներորդ դասարանը այցելեց ԱՊԸԲ կեդրոն եւ ծանօթացաւ կեդրոնին մէջ ժողովուրդին մատուցուող   ծառայութեանց:

Գարնան եղանակը դիմաւորելով` Ազգային միացեալ վարժարանը դիմաւորեց նաեւ յատուկ հիւրեր, որոնք բոլորն ալ իրենց դրոշմը ձգեցին աշակերտներուն վրայ:

Միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժիններուն աշակերտութիւնը համախմբուեցաւ` վայելելու ներկայութիւնը ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ազգային վարժարանի շրջանաւարտ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, որ Լիբանան գտնուելով` առիթ ունեցած էր այցելելու Ազգային միացեալ վարժարան: Հանդիպումը շինիչ էր եւ արդիւնաւէտ: Աշակերտները ծանօթացան հիւրին, ապա միասնաբար խօսեցան Հայ դատի աշխատանքներուն, հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան պահպանման եւ գոյատեւման ազդակներուն մասին: Պատանիի հետաքրքրութեամբ եւ Հայ դատի պաշտպան հայու կեցուածքով անոնք կատարեցին հարցադրումներ, որոնց պատասխանները ստացան անկասկած:

Հետաքրքրական եղաւ վարժարանի նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն հանդիպումը ազգային վարժարաններու շրջանաւարտ արուեստագէտներուն հետ: «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ աշակերտները վայելեցին Զաքար Քէշիշեանի, Թամար Իսկէնեանի, Նայիրի Ղազարեանի, Շողիկ Թորոսեանի եւ Մարի Եսայեանի երաժշտական կատարումները: Հանդիպումը մղիչ ուժ դարձաւ աշակերտներուն, որպէսզի իրենք եւս, շրջանաւարտներուն օրինակով, ապագային դառնան իրենց վարժարանին խոստմնալից տարրերէն:

Մարտ ամիսը փակուեցաւ Սուրբ Զատկուան տօնակատարութեամբ:  Զատկուան ուրախ մթնոլորտի մէջ, մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդականի բաժիններ, ստացան սուրբ հաղորդութիւն, որմէ ետք դասարան առ դասարան խմբուեցան ու հաճելի պահեր անցուցին միասին. բնականաբար  անխուսափելի էր հաւկթախաղը:

Դեռ աւելի՛ն. վերոյիշեալ աշխատանքներուն կողքին, մարտ ամսուն վարժարանի աշակերտութիւնը ներկայ գտնուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հովանաւորութեամբ Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշակոթողի բացման հանդիսութեան, մասնակցեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի միջդպրոցական մարզական մրցումներուն, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած «Մշակութային օր» մրցոյթին: Վարժարանը այդ մրցումներուն արձանագրեց  յաջողութիւններ:

Մինչ այլ նախաձեռնութիւններ:

 

 

«Մեծ Աւետիս»-ը Յաջորդով

$
0
0

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Քրիստոսի յարութեան հրաշքը տօն է աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն համար: Ամէն տարի, գարնան կիրակիներուն զուգադիպող այդ տօնը կը նշենք մեծ ցնծութեամբ եւ ոգեւորութեամբ: Կ՛երեւի նախնիները տօնական տրամադրութիւնը ա՛լ աւելի բարձրացնելու համար նախապէս պարտադրեր են եօթը շաբաթուան զրկանքներու երկար շրջան մը: Յատկապէս Մեծ պահքի վերջին օրերուն ժողովուրդը առաջնորդեր են դէպի սուգի հոգեբանութիւն: Աստուածաշունչի թարգմանիչ վարդապետները Քրիստոսի յարութեան խորհուրդը նկարագրեր են` «մահուամբ զմահ կոխեաց» արտայայտութեամբ: Մահանալով մահը յաղթահարելու խորհուրդը աւելի ուշ ժամանակներու եւս գտաւ իր ուրոյն արտայայտութիւնները: Անոնց շարքէն կրնանք թուել Ե. դարու պատմիչ Եղիշէի «Մահ չիմացեալ մահ, մահ իմացեալ անմահութիւն» հաստատումը:

Ուրեմն Սուրբ Զատիկի խորհուրդին մէջ կը տեսնենք նաեւ պայքարի եւ դիմադրութեան կամքը:

Ցաւալի է, որ մինչեւ օրս բազում մարդիկ ճարահատութեան պայմաններու տակ կրկին անգամ կը դիմեն դիմադրութեան այդ եղանակին եւ չեն վարանիր հարկ եղած պահուն` «Թշնամու կողը մխրճուելէ»: Կարծես ժամանակները մեզ կրկին բերած են այն եզրին, ուր տօնի նախորդող օրերուն պէտք է ապրինք սուգի հոգեբանութիւն: Արդարութեան ո՛չ մէկ նշոյլ` այս բոլորին մէջ: Թողնենք մարդիկ վայելեն ազատութիւնը: Թողնենք ազատ մտածող, ազատ խօսող, ազատ գործող մարդկանց հետ տօնել յարութեան տօնը: Ինչո՞ւ զլանալ այսքանը եւ մարդկանց պարտադրել կաշկանդուած միտքով գործել կամ խօսիլ: Այս պարզ հարցումը կը հարցնենք` գիտնալով, թէ ամէն հարցում չէ, որ իր տրամաբանական պատասխանը ունի: Ահա այս հարցումն ալ ոչ ոքի կողմէ հակաճառելու առիթ չտուող պարզութիւն մը ունի, բայց դարձեալ մարդիկ պիտի փորձեն անոր մէջէն ալ տրամաբանական պատրուակներ որոնել եւ, վերջապէս, դառնալ ու ըսել, որ ամէն ինչ հասարակութեան շահերուն համար է: Ձեզ կը նեղենք պարզապէս ձեր անվտանգութիւնը ապահովելու համար: Ձեզ կը տանջենք, քանի որ մտահոգ ենք ձեր մասին: Աւելի յստակացնելու համար կրնան պնդել, որ մենք խորհելու կարողութիւն չունինք, ուստի իրենք կը խորհին նաեւ մեզի համար: Ահա այս մտածումը եկաւ անգամ մը եւս մեզ փրկելու փորձանքաբեր աղէտէ մը: Այս տողերուն գրուած առաւօտեան կանուխ ժամերուն ոստիկանութիւնը գրաւեց թերթի մը տպարանը, բերման ենթարկեց այնտեղ աշխատող երեք պաշտօնեաները եւ յայտարարեց, որ այսուհետեւ տեղապահ մը նշանակած են այդ թերթի հրատարակութեան հսկելու համար: Սա այն թերթն է, ուր համեստ գրողս ամէն շաբաթ յօդուած մը կ՛ուղարկէր` լոկ զօրակցութեան միտումով: Ինք արդէն նախապէս արգիլուած այլ թերթի մը նոր անունով շարունակութիւնն էր, հետեւաբար կարելի է ըսել, որ այս ալ սպասուած երեւոյթ էր: Նոյնիսկ ոմանք կրնային զարմանալ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ ըլլալ, որ նման ընդդիմադիր մամուլ մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:

Շարունակեց` շնորհիւ մահուամբ զմահ կոխելու վճռակամութիւնը իւրացնողներուն: Չէ՞ որ ըսած էինք դիմադրութիւնը կամք կը պահանջէ եւ` վճռակամութիւն: Այսօր, 2018-ի ապրիլի 1-ին մենք աւանդութիւն մըն է, որ կը կատարենք բուն Զատիկը թողնելով յաղթանակի տօնակատարութեան: Կու գայ այն օրը, երբ բոլորս լիաթոք կ՛ապրինք յաղթանակի տրամադրութեամբ լեցուն Զատիկը: Միասնաբար կը կազմենք շուրջպար եւ ուրախութեան հրճուանքը դուրս կը յորդի եկեղեցւոյ շրջափակէն: Ալիք առ ալիք կը տարածուի համայն մարդկութեան: Միասնաբար կը յիշատակենք բոլոր անոնք, որոնք այս սրբազան ճանապարհին վրայ մահուամբ զմահ կոխելով` պատրաստեցին յաղթանակի պայծառ արշալոյսը:

Այս տրամադրութեամբ առայժմ կը շնորհաւորենք` «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց», «Օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի» ողջունելով: Իսկ «Ձեզի մեզի մեծ աւետիս» ըսելու համար պիտի համբերենք մինչեւ յաջորդ Զատիկ կամ Զատիկներ:

Պոլիս
«Ակօս»

 

Խմբագրական «Գանձասար»-Ի –Մարտ Ե. –Զարգանալ` Առանց Զիջելու

$
0
0

Մարտ ամսուան երկրորդ կիսուն Հայաստանի եւ հայութեան առնչուող ամենակարեւոր եղելութիւնները Արցախի նախագահին եւ պետական ներկայացուցիչներուն քաղաքական եւ ներհայկական հանդիպումներն ու այցելութիւններն էին:

Գլխաւոր նորութիւնը Արցախի նախագահին ու անոր ընկերակցող պատուիրակութեան Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք այցելութիւնն էր, յատկապէս  ելոյթ ունենալը երկրի օրէնսդիր կառոյցին` Քոնկրեսի շէնքին մէջ:

Ծերակոյտի անդամներ եւս ելոյթ ունենալով` ընդգծեցին, որ անհրաժեշտ է Արցախի միջազգային ճանաչումին նոր որակ հաղորդել, որովհետեւ Արցախը ժողովրդավարական երկիր է,  ընտրած է զարգանալու իր ինքնուրոյն ուղին եւ արժանի է միջազգային ճանաչումի:

Նախագահ Բակօ Սահակեանը Միացեալ Նահանգներու Ազգային շահերու կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ փորձագիտական շրջանակներու հետ, ուր հանդէս գալով` խօսեցաւ Արցախի պատմութեան, հայեցի դիմագիծին, հակամարտութեան ծագման,  պետականութեան կառուցման փուլերուն եւ տարածաշրջանային հարցերուն ու բանակցութիւններուն մասին` լուսարձակի տակ առնելով Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան տուեալները, զուգահեռաբար ընդգծելով բանակցութիւններու կողմ ըլլալու եւ մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ յարգանք դրսեւորելու Արցախի կողմնորոշումը:

Արցախի նախագահին այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ` անոր միջազգային ճանաչման ուղիին վրայ կարեւոր քայլ մը կը համարուի քանի մը պատճառով: Նախ, որովհետեւ այդ այցելութիւնը, ներհայկական ծիրէն դուրս, քաղաքական այցելութիւն էր, որ կը միտէր Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականները ծանօթացնել Արցախի պետականութեան կառուցման փուլերուն, արցախեան տագնապի էութեան ու բանակցային գործընթացին մէջ Արցախի պետութեան տեսակէտներուն` հետագային ապահովելու համար նաեւ Արցախի մասնակցութիւնը տագնապի լուծման բանակցութիւններուն:

Այլ  յատկանշական իմաստ կը զգենուր նախագահ Բակօ Սահակեանի Լիբանան այցելութիւնը` նախագահելու  Հայաստանի  հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած  համահայկական առաջին ձեռնարկին, որ կազմակերպուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ, ապա մասնակցութիւնը` «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց»-ի հանդիպում-ընդունելութեան եւ «Արցախ 2028» խորհրդաժողովին, որուն առնչուող հեռանկար ու պատկերացում կազմելու նպատակով այս տարուան աշնան Ստեփանակերտի մէջ պիտի գումարուի խորհրդաժողով մը` բարեսիրական ու հասարակական տարբեր կազմակերպութիւններու, գործարար շրջանակներու մասնակցութեամբ, որպէսզի Արցախի մէջ մշակուին յառաջիկայ տասը տարուան համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կարեւոր ծրագիրներ, որոնք պիտի նպաստեն երկրին բարգաւաճման ու հզօրացման:

Ներհայկական առումով, Արցախի նախագահին հանդիպումները Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ խթան կը հանդիսանային վերաշխուժացնելու Արցախի պետականութեան զարգացման ի նպաստ ծրագիրները:

Այս այցելութիւններուն գումարենք 15 մարտին աշխատանքային այցելութեամբ Աւստրալիա գտնուող Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արա Յարութիւնեանին գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը` Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարան: Պետական նախարարին քաղաքական հանդիպումները կազմակերպուած էին ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայ դատի յանձնախումբին գործուն աջակցութեամբ: Հանդիպումներուն յաջորդող օրերուն Նիւ Սաութ Ուէյլզի Հայաստան-Աւստրալիա բարեկամութեան խորհրդարանական խմբակը բանաձեւ մը վաւերացուց, որուն համաձայն, ընդունեց Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը եւ կոչ ուղղեց դաշնակցային կառավարութեան` պաշտօնապէս ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ զօրացնելու կապերը անոր հետ:

Վերոյիշեալ տողերուն միտք բանին այն է, որ Արցախի ճանաչելիութիւնը քայլ առ քայլ ապահովելու, պետականութիւնը զարգացնելու  գործնական քայլեր կ՛որդեգրուին: Այդ քայլերը կ՛ընթանան Արցախ-Հայաստան-սփիւռք գործակցութեամբ, յատկապէս` Հայ դատի գրասենեակներու հետեւողական աշխատանքով, ինչ որ, խօսքի սահմաններէն անդին, մէկ կողմէ ձեւ ու մարմին կու տայ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան գաղափարին, միւս կողմէ` կ՛ամրապնդէ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական կապերը` չզիջելով զարգանալու Արցախի ուղին, հետաքրքրութիւն ստեղծելով Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներուն կամ նոյնիսկ Լիբանանի գործարար շրջանակներուն մօտ` Արցախ այցելելու եւ  շրջանցելու Ազրպէյճանի սպառնալիքներն ու Արցախը մեկուսացնելու ծրագիրները:

Այսպիսի քայլեր յարաբերական հետեւողական աշխատանքի արդիւնք են, որոնք հետագային նոր ծաւալներով կրնան շարունակուիլ ու զարգանալ` Արցախի միջազգային ճանաչումին կայուն ենթահողը ստեղծելով եւ բանակցութիւններուն հանդէպ Ազրպէյճանի անլրջութիւնը մերկացնելով:

«Գ.»

Viewing all 12135 articles
Browse latest View live