Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12115 articles
Browse latest View live

Սուղ Գին Վճարելով

$
0
0

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Հայրենիքի պաշտպանութեան համար պատրաստ պէտք է ըլլալ որեւէ գին վճարելու: Պատրա՛ստ ենք: Երկու տարի առաջ, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին, իսկապէս սուղ վճարեցինք պաշտպանելու համար մեր հողը: Հրաշալի տղաք, երիտասարդներ, իրենց անմիջական հրամանատարներուն հետ, իրենց կեանքի գնով կասեցուցին դաւադիր ներխուժումը ու ետ մղեցին նենգ թշնամին:

Այսօր ցաւով, բայց հպարտութեամբ կը յիշենք մեր հերոսները, որոնք իրենց քաջագործութեամբ, իրենց գիտակից զոհաբերութեամբ նոր սերունդին պատգամեցին ոչի՛նչ խնայել` գերագոյն արժէք հանդիսացող հայրենիքի պաշտպանութեան համար: Բայց միայն զոհաբերութեան պատգամ չէր նահատակներուն փոխանցածը: Այդ երիտասարդները մեզի պարտականութիւն տուին աւելի՛ պատասխանատուութեամբ հետեւելու երկրի պաշտպանութեան գործին. անոնք անքննելի իրաւունքով մեզմէ կ՛ակնկալեն, որ հայրենիքի սահմանները իրապէս անմատչելի դարձնենք:

Այդ պարտականութիւնը իրականացնելու համար նախ պէտք է կարենանք վառ պահել ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին յաջորդող ազգային միասնական ու մարտական ոգին, ապա իւրաքանչիւրս պէտք է Հայոց Բանակը ուժեղացնելու մէջ իր ներդրումը ունենայ. իշխանաւորները, պետութեան ղեկավարութիւնը` աւելի՛ ցցուն կերպով անհանդուրժողութիւն ցոյց տալով բանակին միջոցները իւրացնողներուն հանդէպ. իւրաքանչիւր անհատ, Հայաստան թէ արտերկիր ապրող, գտնելով լաւագոյն ձեւաչափը, ամէնէն արդիւնաւէտ ճանապարհը` իր անձնական մասնակցութեան բանակի հզօրացման աշխատանքներուն մէջ:

Սահմանային դիրքերու ամրապնդման, անոնց անառիկութեան նպաստելու միջոցները շատ են: Եթէ դժուարութեան հանդիպինք ու չկարենանք կողմնորոշուիլ, կրնանք ուղղակի դիմել համապատասխան կառոյցներու եւ հետեւիլ անոնց ցուցմունքներուն:

Մէկ բան յստա՛կ է. ամէն ինչ պէտք է ընել, որ երբե՛ք, երբե՛ք մեր տղաքը ապրիլեան քառօրեայի նման անակնկալներու առջեւ չգտնեն իրենք զիրենք:

 

 

 


Խմբագրական «Ազատ Արցախ»-ի.- Ապրիլեան Ախտանիշ

$
0
0

Երկու տարի առաջ` 2016թ. ապրիլի 2-ի լոյս գիշերը Ազրպէյճանի զինուած ուժերը հրետանու, զրահամեքենաների եւ մարտական օդուժի կիրառմամբ ձեռնարկեցին լայնածաւալ յարձակողական գործողութիւններ շփման գծի գրեթէ ողջ երկայնքով: Ընդ որում, հակառակորդը կրակը տեղափոխեց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքի խորքը` հրետակոծութեան ենթարկելով նաեւ խաղաղ բնակավայրերն ու Պաշտպանութեան բանակի մի շարք զօրամասերի մշտական տեղակայման վայրերը: Ազրպէյճանական յարձակումին զոհեր դարձան նաեւ քաղաքացիական անձինք, այդ թւում` երեխաներ:

Այդ զինուած ընդհարումը, որն ազրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան պատմութեան մէջ մտաւ որպէս ապրիլեան քառօրեայ պատերազմ, դարձաւ աննախադէպ` 1994թ. մայիսին հրադադարի հաստատումից ի վեր: Օգտագործելով անսպասելիութեան գործօնը` Ազրպէյճանին յաջողուեց աննշան յաջողութեան հասնել, գրաւելով Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի վերահսկողութեան տակ գտնուող որոշ տարածքներ: Յիշեցնենք, որ Քրեմլինի միջնորդութեամբ ապրիլի 5-ին Մոսկուայում Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերի գլխաւոր սպայակոյտի պետերի հանդիպմանը ձեռք բերուեց պայմանաւորուածութիւն` ռազմական գործողութիւնների դադարեցման շուրջ:

Եթէ հետեւենք 2016թ. ապրիլին նախորդած իրադարձութիւնների ժամանակագրութեանը, ապա կարելի է նկատել, որ Պաքուի վարչակարգի գործողութիւնները բերեցին իրավիճակի նման զարգացման: Սկսած յունուարից` Ազրպէյճանի սադրանքները գնալով աւելի ծաւալուն ու վտանգաւոր բնոյթ էին ստանում` խափանարարական ներթափանցումներ, ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի դիրքերի, այլեւ անգամ Հայաստանի պետական սահմանի գնդակոծումներ, ինչպէս հրաձգային, այնպէս էլ ծանր սպառազինութեան կիրառում, ինչը յանգեցնում էր թէ՛ զինծառայողների, թէ՛ խաղաղ բնակիչների կորուստների:

Կարելի է ասել` դա գալիք եւ արդէն մօտ պատերազմի նախերգանքն էր: Ըստ երեւոյթին, մի կողմից շօշափւում էին մեր պաշտպանութեան թոյլ կէտերը, միւսից` ստուգւում էր միջազգային հանրութեան արձագանգը նոր պատերազմի նախաձեռնմանը: Միեւնոյն ժամանակ Պաքուն հասկանում էր, որ ինքը հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնների գործընթացում իրեն պէտք եղած լուծումը ոչ մի կերպ չի ստանայ, ինչի հետ կապուած` հայկական երկու կողմերին եւ միջազգային միջնորդներին շարունակ շանթաժի էր ենթարկւում ռազմական գործողութիւնների վերսկսմամբ: Ակնյայտ է, որ նման յանցաւոր արկածախնդրութեան Պաքուն համարձակուել է դիմել իր օգտին ռազմական հաւասարակշռութեան փոփոխութեան պատճառով, ինչը հանդիսանում էր  նրա կողմից մեծ քանակութեամբ զէնքի, նախ եւ առաջ` յարձակողական, մասնաւորապէս` Ռուսաստանից, ձեռք բերելու հետեւանք: Բայց անգամ զէնքի անհաւասարակշռութեան եւ, այսպէս կոչուած, անսպասելիութեան գործօնի պայմաններում Ազրպէյճանը մեծ կորուստներ կրեց եւ ստիպուած եղաւ դիմել Մոսկուային`  յամառօրէն խնդրելով հասնել հայկական կողմից մարտական գործողութիւնների դադարեցմանը: Փաստօրէն, Լեռնային Ղարաբաղի դէմ իր իսկ սանձազերծած զինուած նախայարձակման արդիւնքում ալիեւեան վարչակարգը ե՛ւ ռազմական, ե՛ւ քաղաքական պարտութիւն կրեց:

Բնականաբար ապրիլեան պատերազմը Հայաստանի եւ Արցախի համար դարձաւ լուրջ մարտահրաւէր, թող որ` բաւականին դառը, բայց, այնուամենայնիւ, դաս, որից եզրակացութիւններ արուեցին: Կասկած չկայ, որ մասնագէտները մանրակրկիտ վերլուծութեան ենթարկեցին տեղի ունեցածն ու իրենց եզրայանգումներն արեցին առկայ խնդիրների լուծման, բանակի մարտունակութեան բարձրացման շուրջ: Կարծում ենք, գլխաւոր դասերից մէկն է` ընդմիշտ յիշել, որ գործ ունենք բաւականին վտանգաւոր ու խարդախ թշնամու հետ, նշանակում է` պարզապէս իրաւունք չունենք կորցնել զգօնութիւնը: Նրա հետ դիմակայութեան մէջ մեզ անհրաժեշտ է մեր ժողովրդի բոլոր հատուածների` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի տնտեսական, քաղաքական-դիւանագիտական ներուժի համախմբումը: Մեր պատկերացմամբ, համապատասխան դասեր պէտք է քաղեն նաեւ միջազգային միջնորդները, եւ ամէնից առաջ`  ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի նախագահութիւնը, որի համար ապրիլեան պատերազմը պէտք է լուրջ նախազգուշացում դառնայ: Քամահրելով խնդրի լուծումը բացառապէս բանակցութիւնների սեղանի շուրջ փնտռելու համապատասխան կառոյցների բազմաթիւ կոչերը` Ազրպէյճանը, փաստօրէն, լկտի մարտահրաւէր է նետել միջազգային հանրութեանը:

Կարելի է պնդել, որ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ ռազմամոլութեան հանդէպ միջնորդների` տարիներով շարունակուող ոչ համապատասխան, ուղղակիօրէն ասենք`  անտրամաբանական արձագանգն էլ հէնց խրախուսեց նրան չափազանց վտանգաւոր սադրիչ գործողութիւնների, որոնք վերջին հաշուով յանգեցրին նոր պատերազմի: Որպէս արդիւնք` կարգաւորման գործընթացը, որը Պաքուի մեղքով առանց այդ էլ սուր ճգնաժամ էր ապրում, բաւականին յետ շպրտուեց:

2016թ. ապրիլից յետոյ ստեղծուեց նոր քաղաքական իրավիճակ, որը Մինսքի խմբի համանախագահներից հրամայականօրէն պահանջում է փոփոխութիւններ մտցնել հակամարտութեան կարգաւորման մեթոտաբանութեան մէջ: Ակնյայտ է, որ բանակցութիւնների ներկայ երկկողմ ձեւաչափը կտրուած է իրականութիւնից ու բոլորովին չի արտացոլում ներկայ իրողութիւնները: Մինչդեռ դրանք պահանջում են Լեռնային Ղարաբաղի վերադարձը բանակցութիւնների սեղան` որպէս հակամարտութեան հիմնական կողմ, որն ապրիլին իր վրայ է վերցրել Ազրպէյճանի գլխաւոր հարուածը, եւ որպէս ռազմական-քաղաքական խաղացող` կարողացել է կանխել լայնածաւալ յարձակումը ու դրանով իսկ պահպանել տարածաշրջանային կայունութիւնը: Ու նաեւ: Եթէ նախկինում միջազգային հանրութեան ներկայացուցիչներից ինչ-որ մէկը դեռեւս թոյլ էր տալիս Ազրպէյճանի կազմում Լեռնային Ղարաբաղի գոյութեան հնարաւորութիւնը, ապա, կարծում ենք, ապրիլեան պատերազմից յետոյ, որի ընթացքում ազրպէյճանցիներն սպաննեցին անօգնական ծերերի ու երեխաների, գլխատեցին հայ զինծառայողներին, ոչ մէկի մօտ պէտք չէ կասկած մնայ այդ պետութեան ցեղասպանական ու նացիստական էութեան հարցում: Ապրիլեան պատերազմը կանգնեցրել է Ռուսաստանը, սակայն Ազրպէյճանը, որը մտադիր չէ հրաժարուել հիմնախնդրի ուժային լուծումից, այսօր էլ սուր է ճօճում, իսկ դա նշանակում է` պահանջւում են ոչ միայն Մինսքի խմբի համանախագահ երկրների` Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգների եւ Ֆրանսայի, այլեւ միջազգային ազդեցիկ կազմակերպութիւնների, մասնաւորապէս ՄԱԿ-ի գործուն միջոցները:

Ապրիլեան պատերազմը լուրջ փորձութիւն դարձաւ Արցախի երիտասարդ պետականութեան համար: Ու պէտք է ասել, արցախցիների, ողջ հայ ժողովրդի միասնութեան, հայ զինուորի բարոյակամային բարձր որակների շնորհիւ, Արցախի Հանրապետութիւնը պատուով յաղթահարեց այդ փորձութիւնը:

Ապրիլեան Պատերազմը Ցոյց Տուաւ, Որ Եթէ Ժամանակին Լսուէր Առողջ Քննադատութիւնը, Շատ Խնդիրներ Այլ Կերպով Կը Լուծուէին. Սպարտակ Սէյրանեան

$
0
0

«Մտածել, որ մենք հիմա աւելի լաւ պատրաստուած ենք պատերազմի, քան` երկու տարի առաջ, կամ հասարակութիւնը որակապէս շատ փոխուած է, կը կարծեմ, որ այդ յուզիչ խօսքերէն ու արտայայտութիւններէն պէտք է զերծ մնալ եւ իրական գետնի վրայ պատկերացնել վիճակը», այսպէս արտայայտուեցաւ «Շանթ» պատկերասփիւռի կայանի եթերէն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Սպարտակ Սէյրանեանը` անդրադառնալով ապրիլեան պատերազմէն քաղուած դասերուն:

«Դասերը, զորս քաղեցինք 2 տարի առաջ եւ տակաւին կը քաղենք, ցոյց տուին, որ շատ մը ուղղութիւններով շատ ընելիքներ ունինք: Բանակաշինութիւնը անընդհատ գործընթաց է, եւ մենք չենք կրնար ըսել, որ այս պահուն ունինք շատ լաւ վիճակ: Որեւէ լաւ վիճակ յաջորդ օրը կրնայ փոխուիլ: Այդ կը նշանակէ, որ բոլոր ուղղութիւններով եւ լայն ծաւալներով այն բարեփոխումները, որոնք կ՛իրականացուին բանակաշինութեան մէջ, մեր հարցերուն միայն մէկ հատուածն են», ըսաւ Սպարտակ Սէյրանեանը:

Ան մէջբերած է պաշտպանութեան նախարարին այն դիտարկումը, որ երկրի պաշտպանութիւնը կենսակերպ է, բանակը միայն խրամատին կանգնած զինուորը չէ, կամ` դիրքապահը: Ըստ Սպարտակ Սէյրանեանին, բանակին հզօրութիւնը կախեալ է այդ զինուորին համար համազգեստ ու կօշիկ կարողէն, կախեալ է անոր համար սնունդ բերողէն, հայրենիքի թիկունքի տրամադրութիւններէն եւ այն միտքերէն ու մօտեցումներէն, որոնցմով այդ զինուորը պէտք է ապրի ամէն օր եւ հասկնայ, որ իր թիկունքին ամբողջ հասարակութիւնը կանգնած է, եւ հայրենիքի պաշտպանութիւնը միայն այդ առաջնագիծի զինուորներուն աշխատանքը չէ:

«Այս իմաստով, կը կարծեմ, որ շատ բան իրագործուած է, բայց դեռ շա՜տ շատ բաներ կան ընելիք, եւ այդ գործընթացը երբեք աւարտ չ՛ունենար, որովհետեւ մենք պատերազմական վիճակի մէջ ենք: Ոեւէ մէկը ապահովագրուած չէ նման ռազմական բախումներէ, կամ` անոնց ուժգնացման որեւէ ապահովագրութիւն չկայ: Միակ ապահովագրութիւնը, թերեւս, այն է, որ մենք ունենանք այնպիսի տնտեսութիւն, այնպիսի հասարակութիւն, հետեւաբար` այնպիսի բանակ, որ մեր հակառակորդին մէջէն վերացնէ Հայաստանի դէմ հերթական ռազմական արկածախնդրութիւն իրականացնելու գայթակղութիւնը», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ մենք ըստ արժանւոյն կը գնահատե՞նք մեր հերոսները,  Սպարտակ Սէյրանեան ըսաւ. «Պարտադիր չէ զինուորը զոհուի, որ մենք զինք գնահատենք, եւ պարտադիր չէ ռազմական գործողութիւններ ըլլան, որ այդ տղաները հերոսութիւն ցոյց տան, որ մենք գնահատենք: Եւ այսօր, այս պահուն, յարաբերական խաղաղութեան պայմաններուն մէջ, խրամատին կանգնած զինուորը արդէն հերոս է, եւ հասարակութեան համապատասխան վերաբերմունքը այդպիսին պէտք է ըլլայ»:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը վստահ չէ, որ հասարակութեան բոլոր շերտերը, բոլոր խաւերը 100 տոկոսով նման տրամադրութիւն, նման վերաբերմունք ունի՞ն, թէ՞ չէ, ոչ ալ կ՛ակնկալէ, որ այդպիսի իրավիճակ պէտք է ըլլայ:

Սպարտակ Սէյրանեանին համար կարեւորը ա՛յն է, թէ հայ քաղաքական դասի մեծագոյն մասը ի՛նչ վերաբերմունք ունի իր ընդդիմադիրներուն նկատմամբ, հայ մտաւորականութիւնը ի՛նչ վերաբերմունք ունի այդ առումով, լրատուական դաշտը ի՛նչ վերաբերմունք ունի այդ առումով: Պատերազմ ըսելով` միայն այդ շփման գիծի պատերազմը չենք հասկնար:

«Կայ լրատուական եւ լրագրողական պատերազմ եւս: Շնորհիւ Հայաստանի լրագրողներուն, երկու տարի առաջ, երբ նստած, տարբեր լեզուներով, ընկերները զօրաշարժի ենթարկուած` թարգմանութիւններ կ՛ընէին, անոնք ալ տեղեկատուական պատերազմի մէջ էին: Այսինքն այդ երեխաները, այդ աղջիկներն ալ զինուորներ էին այդ պահուն, չէ՞: Հետեւաբար հասարակութեան վերաբերմունքին մէջ ամենակարեւորը, կը կարծեմ, զինուորին նկատմամբ, ընդհանրապէս, անկախ անկէ թէ այդ զինուորը ռազմական գործողութիւններո՞ւն մասնակցեր է, հրասա՞յլ խփեր է, թէ՞ չէ, այլ պարզապէս զինուորին, զինուորականին նկատմամբ պէտք է վերաբերմունքի արմատական փոփոխութիւն տեղի ունենայ: Ես կողմնակից չեմ պետական միջոցառումներու ձեւով այդ մէկը իրականացնելուն. անոնք իրենց տեղն ու դերը անշուշտ ունին, բայց բանակին ու զինուորականին նկատմամբ վերաբերմունքը կը սկսի մանկապարտէզէն, ընտանիքէն, միջավայրէն, հասարակական այն միջավայրէն, որ բանակէն խուսափիլը կը համարէ ոչ թէ ճարպիկութիւն, այլ` անարգանք», ըսաւ Սպարտակ Սէյրանեանը:

Ըստ Սէյրանեանին, հասարակութեան մէջ պէտք է ըլլայ անհանդուրժողականութիւն բանակին ու զինուորականին դէմ ուղղուած ամէն ինչին: Ան չի կարծեր, որ պէտք չէ քննադատել, ընդհակառակը, անոր կարծիքով, երկու տարի առաջուան տեղի ունեցածը ցոյց տուաւ, որ առողջ քննադատութիւնը, եթէ ժամանակին լսուէր, շատ ու շատ խնդիրներ այլ կերպով կը լուծուէին:

 

Ընտրական Քրոնիկ. Մենք Նախընտրական Ծրագիրի Նախագիծ Ունինք

$
0
0

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

22 մարտին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն յայտարարեց 6 մայիսի լիբանանեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող Դաշնակցութեան թեկնածուներուն ցանկը: Բայց մեր անձնական կարծիքով, այդ հանդիսութեան ընթացքին ամէնէն կարեւորը ոչ թէ թեկնածուներու անուանացանկին յայտարարութիւնն էր, այլ ամփոփ գիծերու մէջ կուսակցութեան նախընտրական ուղեցոյցի կամ ծրագիրի նախագիծին ներկայացումն էր:

Պէտք է այստեղ կարեւորութեամբ նշուի, որ Թաէֆի համաձայնագիրի ստորագրութենէն եւ երկրին սահմանադրական կեանքի բնականոնացումէն ետք, ասիկա առաջին անգամն է, որ Դաշնակցութիւնը նմանօրինակ ուղեցոյցի նախագիծ մը կը ներկայացնէ լիբանանեան հանրային կարծիքին` լիբանանեան քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային զանազան հարցերուն շուրջ կուսակցութեան ունեցած դիրքորոշումներուն մասին: Ասով իսկ, ուրեմն, Դաշնակցութեան նախընտրական արշաւը յառաջիկայ ընտրութիւններու նախօրեակին կը թեւակոխէ որակական անցում մը, որով կուսակցութիւնը եւ իր թեկնածուները իրենց ըսելիքը վերապահած չեն մնար միայն լիբանանահայ հասարակութեան լայն խաւերուն, այլ նաեւ այդ ըսելիքին կարեւոր մէկ բաժինը կ՛ուղղեն լիբանանեան հանրային կարծիքին` ըսելով եւ շեշտելով, որ Դաշնակցութիւնը իր բնոյթով լիբանանահայութեան (իբրեւ համայնք) շահերը պաշտպանելով հանդերձ, նաեւ էապէս լիբանանեան ազգային հայեացքներ ունեցող կուսակցութիւն է:

Եւ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող իւրաքանչիւր խմբաւորում, կուսակցութիւն, քաղաքական ուժ, նախաձեռնութիւն կամ ընտրական ցանկ իր փլաթֆորմը, ծրագիրը ունի: Անոր համար ալ պէտք չէ զարմանալ երբեք, որ Դաշնակցութիւնն ալ ունի նախընտրական ուղեցոյց կամ ծրագիրի նախագիծ: Ահա ասիկա համամասնական ընտրակարգի լաւ կողմերէն մէկն է նաեւ, որով քուէարկողները կամաց-կամաց կ՛ընտելանան քուէարկելու ոչ թէ անձերուն, ինչպէս որ է պարագան մեծամասնական ընտրակարգին, այլ` քաղաքական ծրագիրներուն, փլաթֆորմերուն: Տա՛յ Աստուած, որ ժամանակի ընթացքին լիբանանեան ընտրական օրէնքը աւելի եւս կատարելագործուի համամասնական ընտրակարգը ամրապնդելու եւ նախընտրութեան քուէն չեղեալ նկատելու իմաստով, որովհետեւ ատկէ միակ օգտուողը կ՛ըլլայ լիբանանեան քաղաքական կեանքը` լիբանանեան քաղաքական նոր մշակոյթի մը ձեւաւորման ընդմէջէն…

Բայց առայժմ ունինք այն, ինչ որ ունինք, եւ մեզի կը մնայ առաւելագոյնս օգտուիլ ընտրական նոր օրէնքի դրական կողմերէն, միաժամանակ աշխատիլ սահմանափակելու անոր ժխտական դրսեւորումները: Ինչպէ՞ս: Զանազան այլ քաղաքական ուժերու եւ անձնաւորութիւններու հետ գոյացած ընտրական թէ քաղաքական դաշինքներուն միջոցով, որոնց արդիւնաւէտութիւնը գետնին վրայ ի յայտ պիտի գայ 6 մայիսին յաջորդող փուլին:

Վերադառնանք Դաշնակցութեան ներկայացուցած ծրագիրի նախագիծին: Այո՛, այդ ուղեգիծին մէջ առկայ ամփոփ կէտերուն մէջ նշուած պահանջները կուսակցութեան դիրքորոշումը կ՛արտացոլացնեն, բայց անոնք նաեւ կը պատկանին լիբանանեան հասարակութեան լայն շերտերուն, որոնք անցնող տասնամեակին ընթացքին մնայուն օրակարգի վերածած էին այդ հարցերը` փողոցը եւ քաղաքական բանավէճին ընդմէջէն: Նախընտրական ծրագիրները կամ ուղեգիծները շատ յաճախ որեւէ երկրի մէջ ըստ կարելւոյն ամփոփ, հակիրճ կ՛ըլլան: Պէտք չէ ալ ակնկալել, որ բոլոր հարցումներուն պատասխանները գտնուին հոն: Բայց ինչ կը վերաբերի Դաշնակցութեան ներկայացուցած նախագիծին, անիկա պէտք է առնել իբրեւ սկզբնական փաստաթուղթ, որուն վրայ պիտի հիմնուի Դաշնակցութեան լիբանանեան քաղաքականութիւնը` խորհրդարանական եւ ընդհանրապէս քաղաքական աշխատանքին ընդմէջէն: Կարեւորը, սակայն, հանրութեան լայն մասնակցութիւնն է այս փաստաթուղթի կատարելագործման եւ անոր շուրջ քաղաքական օրակարգի ձեւաւորման աշխատանքին մէջ: Որովհետեւ վերջ ի վերջոյ այս ծրագիրին, ուղեգիծին հիման վրայ է, որ լիբանանահայ քուէարկողներս միասնաբար պիտի ընթանանք` յանուն ամբողջ Լիբանանին: Անձերը կարեւոր ըլլալով հանդերձ, այդ օրը մենք պիտի ուղղուինք քուէարկելու այդ ծրագիրին, Դաշնակցութեան ներկայացուցած առաջադրանքներուն, եւ բարեբախտաբար այդ առաջադրանքները ամփոփող փաստաթուղթը նախագիծի ձեւով այսօր գոյութիւն ունի:

 

 

Վա­նայ Իշ­խան (­Նի­կոլ ­Պօ­ղո­սեան, ­Մի­քա­յէ­լեան. 1883-1915). Ան­վե­հեր ­Դաշ­նակ­ցա­կան Ա­զա­տա­մար­տի­կը, ան­պար­տե­լի ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կա­նը

$
0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ ­Թուր­քիոյ գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան պե­տա­կա­նօ­րէն ծրագ­րու­մին ու կազ­մա­կեր­պու­մին նա­խան­շան­նե­րէն մէ­կը տրո­ւե­ցաւ 1915ի Ապ­րիլ 3ին, երբ ­Վա­նի օ­րո­ւան կու­սա­կալ Ճեւ­տէթ ­Պէ­յի սադ­րան­քով դա­ւադ­րա­բար սպան­նո­ւե­ցաւ ­Վա­նայ Իշ­խա­նը՝ իր ե­րեք զի­նա­կից­նե­րով։

Օ­րին, սա­կայն, ­Վա­նէն դուրս՝ ­Պոլ­սոյ մէջ թէ այ­լուր, իբ­րեւ այդ­պի­սին չըն­կա­լո­ւե­ցաւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման Գա­ղա­փա­րի ­Մար­տի­կին ու հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան մար­տու­նա­կու­թիւ­նը խորհր­դան­շող Դաշ­նակ­ցա­կան Ա­զա­տա­մար­տի­կին դէմ կա­տա­րո­ւած պե­տա­կան ոճ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը։

Վա­նայ Իշ­խան ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան ա­նընկ­ճե­լիու­թիւ­նը խորհր­դան­շող՝ ան­պար­տե­լի՛ մար­տիկ էր նաեւ թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց աչ­քին։ Օս­մա­նեան Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն ա­ռաջ թէ ետք, 1904էն սկսեալ եւ ամ­բողջ 11 տա­րի, Ար­ցա­խի ծնունդ այս դիւ­ցազ­նը ան­վե­հեր գոր­ծեց ­Վա­նի մէջ, յատ­կա­պէս ­Վաս­պու­րա­կան աշ­խար­հի գա­ւա­ռին ու գիւ­ղե­րուն վրայ կեդ­րո­նաց­նե­լով իր յե­ղա­փո­խա­կան ծա­ւա­լուն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ ե­կող-գա­ցող թուրք կու­սա­կալ­նե­րու, ոս­տի­կա­նա­պետ­նե­րու եւ ա­նոնց հետ գոր­ծակ­ցող քիւրտ հրո­սակ­նե­րու «աչ­քի փուշ»ը դառ­նա­լով…

Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի իսկ վկա­յու­թեամբ՝ Իշ­խան «զար­մա­նա­լի ղե­կա­վա­րե­լու, թե­լադ­րե­լու, կազ­մա­կեր­պե­լու շնորհ ու­նէր։ Ն­րա­նից պատ­կա­ռում էին ե՛ւ ­Վա­նի մեր ըն­կեր­ներն ու զի­նո­ւոր­նե­րը։ Իսկ ժո­ղո­վուր­դը ո՛չ միայն պատ­կա­ռում էր, այ­լեւ՝ սի­րում։ Ար­դէն սկսել էին եր­գել նրա քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը՝ «Իշ­խան ե­կաւ, ձեռքն մաու­զեր…»։ Կա՛րճ. իմ ­Վան մտած ժա­մա­նակ Իշ­խա­նը, կա­րե­լի է ա­սել, ա­մե­նա­հե­ղի­նա­կա­ւոր զի­նո­ւո­րա­կան յե­ղա­փո­խա­կանն էր»։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի յե­ղա­փո­խա­կան ծա­ռա­ցու­մին, ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին եւ հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ի­րա՛ւ իշ­խա­նը ե­ղաւ ան՝ հա­յու­թեան ա­մէն կար­գի թշնա­մի­նե­րը պա­տու­հա­սող իս­կա­կան հո­գէառ հրեշ­տա­կը։

Ծ­նած էր Ար­ցախ աշ­խար­հի միջ­նա­բերդ ­Շու­շիի մէջ 1883ին՝ ­Նի­կոլ ­Մի­քա­յէ­լեան ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով։ ­Յա­ճա­խած էր տեղ­ւոյն ­Թե­մա­կան վար­ժա­րա­նը, ուր պա­տա­նի տա­րի­քէն դրսե­ւո­րած էր քաջ, ան­վե­հեր եւ ըմ­բոստ իր նկա­րա­գի­րը։ Իր ըմ­բոս­տու­թեան հե­տե­ւան­քով՝ վտա­րո­ւած էր ­Շու­շիի ­Թե­մա­կա­նէն, բայց ու­սում­նա­տենչ եւ ըն­դու­նակ ըլ­լա­լով՝ Իշ­խան իր ու­սու­մը շա­րու­նա­կած էր Ե­րե­ւա­նի ­Թե­մա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ։
Ա­շա­կեր­տա­կան տա­րի­նե­րուն, ­Շու­շիի մէջ, ծա­նօ­թա­ցած էր Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի՝ մաս­նակ­ցե­լով Ա­րա­մի կազ­մած ա­շա­կեր­տա­կան ինք­նա­զար­գաց­ման ու յե­ղա­փո­խա­կան խում­բե­րուն։ Այդ ճամ­բով նաեւ կա­նուխ տա­րի­քէն ան­դա­մագ­րո­ւե­ցաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան։

Ա­րա­մի եւ Իշ­խա­նի մի­ջեւ ստեղ­ծո­ւած էր գա­ղա­փա­րա­կան խոր մտեր­մու­թիւն, որ մին­չեւ վերջ շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ եւ պա­տա­հա­կան չէր, որ Իշ­խան կրնկա­կոխ հե­տե­ւե­ցաւ Ա­րա­մի՝ ա­նոր պէս յե­ղա­փո­խա­կան իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը նախ Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լէն սկսե­լով, ա­պա՝ ­Կարս անց­նե­լով եւ, վեր­ջա­պէս, ­Վան հաս­տա­տո­ւե­լով։

Հա­զիւ 20 տա­րե­կան էր Իշ­խան, երբ 1903ին միա­ցաւ ռուս-թրքա­կան սահ­մա­նը հա­տող Նեւ­րու­զի զի­նա­տար խում­բին՝ ­Սա­սուն զէնք եւ կռո­ւող ուժ հասց­նե­լու ա­ռա­քե­լու­թեամբ։ Ար­շա­ւա­խում­բը իր ճամ­բուն վրայ ընդ­հա­րում­ներ ու­նե­ցաւ եւ Իշ­խան ե­ղաւ այն քի­չե­րէն, որ կրցան փրկո­ւիլ։ Այդ­պէ՛ս կրա­կի իր մկրտու­թիւ­նը ստա­ցաւ Իշ­խան։

1904ին դաշ­նակ­ցա­կան հայ­դու­կը մուտք գոր­ծեց ­Վաս­պու­րա­կան աշ­խարհ եւ շատ ա­րագ ըն­տե­լա­ցաւ թէ՛ Երկ­րին, թէ՛ ժո­ղո­վուր­դին։ Մ­տա­ւո­րա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան հիմ­նա­ւոր իր պատ­րաս­տու­թեամբ, մար­տա­կան ղե­կա­վա­րի իր ըն­դու­նա­կու­թեամբ, կազ­մա­կեր­պա­կան իր տա­ղան­դով եւ, մա­նա­ւա՛նդ, ժո­ղովր­դա­յին լայն խա­ւե­րուն հետ հա­ղոր­դակ­ցե­լու՝ ինք­նավս­տա­հու­թիւն եւ ա­պա­հո­վու­թիւն ներշն­չե­լու իր բնա­տուր շնորհ­քով, ան ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս դար­ձաւ ­Վա­նայ Իշ­խա­նը։

Վա­նայ Իշ­խա­նի ուղ­ղա­կի անձ­նա­կան ձե­ռա­կեր­տը հան­դի­սա­ցաւ ­Վաս­պու­րա­կա­նի Հ.Յ.Դ. Լեռ­նա­պա­րի կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, որ Իշ­խա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ ոչ միայն կրցաւ դի­մադ­րել Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թե­նէն ա­ռաջ թէ ետք շրջա­նի հա­յու­թեան սպառ­նա­ցող վտանգ­նե­րուն, այ­լեւ ա­ռանց­քը դար­ձաւ 1915ի ­Վա­նի հե­րո­սա­կան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան։

Հե­տե­ւո­ղա­կան եւ ան­դուլ անձ­նո­ւէր աշ­խա­տան­քի գնով՝ Իշ­խան ի­րա­գոր­ծեց Լեռ­նա­պա­րի ու­ժեղ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը։ Շր­ջե­ցաւ եւ ե­ղաւ բո­լոր գիւ­ղե­րուն մէջ, ինք­նա­զար­գաց­ման խում­բեր կազ­մեց, զի­նա­վար­ժու­թիւն սոր­վե­ցուց, «Աշ­խա­տանք» թեր­թը հրա­տա­րա­կեց եւ խմբագ­րեց, բայց մա­նա­ւանդ յղա­ցաւ, ծրագ­րեց ու ի­րա­գոր­ծեց դէ­պի ­Տա­րօ­նի աշ­խարհ «Ծծ­ման ե­ղա­նա­կով» զէնք ու կռո­ւող ուժ հասց­նե­լու աշ­խա­տան­քը։
Ինչ­պէս որ ­Վա­նի 1915ի հե­րո­սա­մար­տին յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն եւ հե­տա­գայ պատ­մա­գիր­նե­րէն Օն­նիկ Մ­խի­թա­րեան կը վկա­յէ՝

«… Եւ հայ գիւ­ղէն ու գիւ­ղա­ցիէն Իշ­խան չբաժ­նո­ւե­ցաւ ամ­բողջ տաս­նը­մէկ տա­րի­ներ։ Եւ Իշ­խա­նի ե­ղե­րա­կան մա­հը նո­րէն նոյն գիւ­ղի եւ գիւ­ղա­ցիի հա­մար ե­ղաւ։ Հ­պարտ ու աս­պետ, յան­դուգն ու վճռա­կան, ճար­պիկ ու վար­պետ, մարդ­կա­յին գրե­թէ բո­լոր լա­ւա­գոյն ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րով օժ­տո­ւած էր Իշ­խան։ ­Զար­մա­նա­լի կեր­պով թե­լադ­րել, ղե­կա­վա­րել, կազ­մա­կեր­պել գի­տէր։ Ինք հա­ւա­տա­ւոր էր եւ գի­տէր ներշն­չու­մի ու հա­ւատ­քի մէջ պա­հել իր շրջա­պա­տը, իր զէն­քի ու գա­ղա­փա­րի ըն­կեր­նե­րը, իր ա­շա­կերտ­նե­րը, ամ­բողջ գիւ­ղա­ցիու­թիւ­նը։ ­Գի­տէր պատ­կա­ռանք ու ան­վե­րա­պահ յար­գանք ազ­դել իր ոչ միայն գոր­ծին, այլ եւ ան­ձին շուրջ։ ­Գի­տէր ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը՝ կար­գա­պա­հու­թեան մէջ պա­հել կու­սակ­ցա­կան շար­քե­րը։ ­Կար­գա­պա­հու­թիւն մը, որ ոչ թէ կոյր է, այլ գի­տակ­ցա­կան»։

Յատ­կա­պէս Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն ետք մեծ ե­ղաւ Իշ­խա­նի ներդ­րու­մը՝ ­Վաս­պու­րա­կան Աշ­խար­հի հա­յու­թեան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռո­ւան­նե­րը ամ­րա­կուռ պա­հե­լու, զէն­քե­րը վար չդնե­լու եւ յո­ռե­գոյն հա­ւա­նա­կա­նու­թեանց պատ­րաստ գտնո­ւե­լու վար­քագ­ծի պահ­պան­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ, իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րու իշ­խա­նու­թեան շրջա­նին եւս, տես­նե­լով 1908ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մով շե­փո­րո­ւած ա­զա­տու­թեան եւ եղ­բայ­րու­թեան խոս­տում­նե­րուն նկատ­մամբ Իշ­խա­նի վե­րա­պա­հու­թիւ­նը, ­Վա­նի կու­սա­կալն ու թուրք պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը շա­րու­նակ ո­րո­ճա­ցին Իշ­խա­նի «չէ­զո­քաց­ման» դա­ւա­դիր ծրա­գիր­ներ։

«­Պա­տեհ» ա­ռի­թը ա­նոնք նա­խա­պատ­րաս­տե­ցին… ­Նախ՝ ­Շա­տա­խի մէջ հա­յեւ­քիւրտ բա­խում­ներ հրահ­րե­ցին. ա­պա՝ Իշ­խա­նէն խնդրե­ցին, որ իր հե­ղի­նա­կու­թիւնն ու վար­կը գոր­ծա­ծե­լով՝ եր­թայ ու տեղ­ւոյն վրայ հաշ­տեց­նէ կող­մե­րը։ Իշ­խան ե­րեք զի­նա­կից­նե­րով, Ապ­րիլ 3ին, հա­սաւ ­Հիրճ գիւ­ղը եւ ի­ջե­ւա­նե­ցաւ վա­ղե­մի իր քիւրտ ծա­նօ­թին՝ ­Քեա­րիմ Օղ­լի ­Ռա­շի­տի տու­նը։ ­Դա­ւադ­րու­թիւ­նը ման­րա­մաս­նօ­րէն սադ­րո­ւած էր. Իշ­խանն ու իր ե­րեք զի­նա­կից­նե­րը, տան­տի­րոջ եւ ոս­տի­կա­նա­պե­տին հետ հա­զիւ հա­ցի նստած՝ ներս խու­ժե­ցին կու­սա­կալ ­Ճեւ­տէթ ­Պէ­յի ու­ղար­կած 12 ձիա­ւոր չէ­թէ­նե­րը, ան­մի­ջա­պէս կրակ բա­ցին եւ տեղն ու տե­ղը սպան­նե­ցին հաշ­տու­թեան հա­մար ե­կած Իշ­խանն ու ըն­կեր­նե­րը։

Տար­բեր ե­ղա­նա­կով՝ ա­ռանց սադ­րան­քի ու դա­ւադ­րու­թեան, կա­րե­լի չէր պար­տու­թեան մատ­նել ­Վա­նայ Իշ­խա­նի խի­զա­խու­թեամբ եւ մար­տու­նա­կու­թեամբ դիւ­ցազ­նը։

Ճիշդ է, ա­նարգ դա­ւադ­րու­թիւ­նը կտրեց կեան­քի թե­լը հա­զիւ 32 տա­րե­կան դաշ­նակ­ցա­կան մե­ծա­նուն ա­զա­տա­մար­տի­կին, բայց իր մա­հով ան­գամ ­Վա­նայ Իշ­խան միա­ւո­րեց ­Վա­նի հա­յու­թեան բո­լոր շեր­տերն ու հո­սանք­նե­րը, որ­պէս­զի վերջ­նա­կա­նա­պէս գիծ քա­շեն թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց վրայ եւ փա­րին սե­փա­կան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան զէն­քին՝ մու­թին մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւող մօ­տա­լուտ Հա­յաս­պա­նու­թիւ­նը դի­մագ­րա­ւե­լու եւ ձա­խո­ղու­թեան մատ­նե­լու հա­մար։

Ան­զու­գա­կան Իշ­խա­նի յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած ո­գե­կոչ­ման այս հա­կիրճ է­ջը կ­þար­ժէ պսա­կել եր­կու վկա­յու­թեամբ։

Ա­ռա­ջի­նին հե­ղի­նա­կը ­Վա­նայ Իշ­խա­նի պատ­րաս­տած յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րէն եւ ­Վա­նի ե­րի­տա­սարդ գոր­ծիչ­նե­րէն Հ­մա­յեակ ­Մա­նու­կեանն է.

— «Այն­քան ա­նակն­կա­լօ­րէն ու այն­քան վայր­կե­նա­կան կա­տա­րո­ւած Իշ­խա­նի ե­ղեռ­նա­կան մա­հը ստեղ­ծեց պա­հան­ջո­ւած մո­մեն­տը (պա­հը)։ Ա­մէն­քը՝ յե­ղա­փո­խա­կանն ու պահ­պա­նո­ղա­կա­նը, ծերն ու ե­րի­տա­սար­դը, կու­սակ­ցա­կանն ու չէ­զո­քը, կինն ու ե­րե­խան, բո­լո­րը, բո­լո­րը, մէկ վայր­կեա­նի մէջ, հո­գե­բա­նա­կան զսպա­նա­կի մը ու­ժով զգա­ցին, որ զէն ի ձե­ռին պաշտ­պա­նո­ւե­լէ զատ՝ չկա՛յ ու­րիշ մի­ջոց։ Իշ­խա­նի մա­հը ե­ղաւ շաղ­կա­պող, զօ­դող օ­ղա­կը հա­սա­րա­կա­կան բո­լոր ու­ժե­րու, հան­րա­յին բո­լոր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու, ա­նի­կա accumulateur մը ե­ղաւ եւ մեր դի­մադ­րա­կան ու­ժի բո­լոր ա­կե­րը բա­ցաւ մէկ կէ­տի վրայ։ Իշ­խա­նի մա­հը ե­ղաւ եր­կա­թեայ այն հա­րո­ւա­ծը, որ դարբ­նեց բո­լոր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը եւ ա­նոնց­մէ ստեղ­ծեց կամք մը հզօր ու ա­պա­ռա­ժեայ՝ Ցե­ղի գո­յու­թիւ­նը պա­հե­լու եւ յաղ­թա­նա­կե­լու ան­յող­դողդ ո­րո­շու­մով մը»։

Երկ­րորդ վկա­յու­թիւ­նը կը պատ­կա­նի հռչա­կա­ւոր հրա­պա­րա­կա­գիր ­Մա­նուկ Աս­լա­նեա­նի, որ ­Պոլ­սոյ «­Ճա­կա­տա­մարտ»ի 21 Ապ­րիլ 1921ի հա­մա­րով ­Վա­նայ Իշ­խա­նի գործն ու ար­ժէ­քը կը խտաց­նէ ա­նոր թէ՛ մար­տա­կան եւ թէ՛ մտա­ւո­րա­կան գոր­ծի­չի ե­զա­կի հա­մադ­րու­մին ու ամ­բող­ջա­կան կեր­պա­րին մէջ.

— «­Մէ­կը այն լու­սա­գեղ աստ­ղե­րէն, որ այն­քան շքե­ղօ­րէն կը զար­դա­րեն ­Վա­նի փա­ռա­ւոր յե­ղա­փո­խու­թեան երկ­նա­կա­մա­րը։

«…­Վայ­րե­նա­բա­րոյ քիւր­տե­րուն ոճ­րա­գործ բնազդ­նե­րը զսպո­ղը ռազ­միկ Իշ­խա­նի հռչա­կո­ւած համ­բաւն էր։

«­Կար նաեւ մտա­ւո­րա­կան Իշ­խա­նը, որ սու­րի հետ միա­սին ձեռ­քին մէջ կը պտտցնէր նաեւ լու­սա­ւո­րու­թեան ջա­հը։

«Աղ­թա­մա­րի հա­րուստ ­Վան­քը մաք­րե­լէ յե­տոյ մա­կա­բոյծ տար­րե­րէ, հոն հաս­տա­տեց նա­խակր­թա­րան-ու­սուց­չա­նոց մը, որ մտա­ւո­րա­կան վա­ռա­րա­նը ե­ղաւ ­Վաս­պու­րա­կա­նի ամ­բողջ շրջա­նին։ Ան­կէ դուրս ե­կան այն ե­րի­տա­սարդ ու­սու­ցիչ­նե­րը, որ ցրո­ւած գիւ­ղե­րու մէջ, մէկ կող­մէ հայ մա­նու­կին սոր­վե­ցու­ցին գրել եւ կար­դալ, միւս կող­մէ ալ հայ գիւ­ղա­ցիին մէջ դրին զէն­քի եւ կռո­ւի պաշ­տա­մուն­քը։

«Կր­թու­թիւ­նը պար­տա­ւո­րիչ էր, ա­մէն գեղ ա­ռանց այլ եւ այ­լի ու­նե­նա­լու էր իր սե­փա­կան դպրո­ցը՝ վայ ե­կած էր այն գիւ­ղին, որ կը թե­րա­նար այս պար­տա­կա­նու­թեան մէջ։ Իշ­խա­նը կար. ամ­բողջ քրտու­թիւ­նը ծուն­կի բե­րող ա­նոր հռչա­կո­ւած սար­սա­փը անխ­նայ էր նաեւ հա­յուն հա­մար, երբ ան խօսք չէր հասկ­նար եւ կը փոր­ձէր խո­չըն­դոտ հան­դի­սա­նալ ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մին։
«Իր գրի­չը ե­ղաւ հա­տու ինչ­պէս իր սու­րը, խօս­քը՝ տի­րա­կան եւ հե­ղի­նա­կա­ւոր, ինչ­պէս իր զի­նո­ւո­րա­կան համ­բա­ւը»։

Ար­դէն հա­րիւր տա­րի ան­ցած է ­Վա­նայ Իշ­խա­նի եւ ա­նոր զի­նա­կից­նե­րուն տմար­դի սպա­նու­թե­նէն աս­դին։ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 103րդ ­տա­րե­լի­ցի սե­մին ենք ար­դէն։ Եւ երբ նո­րա­հաս մեր սե­րունդ­նե­րով այ­սօր մենք կը խո­նար­հինք յի­շա­տա­կին առ­ջեւ մէ­կու­կէս մի­լիոն մեր նա­հա­տակ­նե­րուն, ան­պայ­ման ա­ռանձ­նա­յա­տուկ յի­շա­տա­կու­թեան կ­՚ար­ժա­նաց­նենք յի­շա­տա­կը ­Վա­նայ Իշ­խա­նի, որ սե­փա­կան զէն­քին ա­պա­ւի­նե­լու ի­մաս­տու­թեամբ ու­ղին հար­թեց ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան եւ նա­հա­տակ հայ ժո­ղո­վուր­դի հրա­շա­զօր յա­րու­թեան։

 

ՀՅԴ-ի Կազմակերպած Կլոր Սեղանները` «Ի՞նչ Ապագայ Ֆրանսահայութեան Համար» Նիւթին Շուրջ

$
0
0

Շաբաթ, 24 մարտին Փարիզի քաղաքապետարանի լսարանին մէջ կայացան ՀՅ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպած երեք կլոր սեղանները` հետեւեալ նիւթերով.

– «Հայկական ինքնութիւնը Ֆրանսայի մէջ` ժառանգութեան եւ արդիականութեան միջեւ»:

–  «Հայեցի դաստիարակութիւնը` ի՞նչ բովանդակութեամբ եւ ինչպիսի՞ միջոցներով»:

–  «Ինչպէ՞ս դիմագրաւել հայ ժողովուրդի քաղաքական գրաւարկները (enjeux)»:

Առաջին կլոր սեղանին մասնակցեցան` գրող եւ երգիծաբան Վահէ Պէրպէրեանը, «Ֆրանս-Արմէնի»-ի խմբագիր Վարուժան Մարտիկեանը, գրող եւ լրագրող Տիգրան Եկաւեանը եւ ֆրանսահայ թեմի անդրանիկ առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանը: Այս վերջինը ընդգծեց դպրոցին կարեւոր դերը` լեզուն եւ մշակոյթը փոխանցելու առումով, նկատի ունենալով, որ ընտանիքները հետզհետէ աւելի քիչ կը զբաղին այդ աշխատանքով: «Հոն, ուր հայկական դպրոց կայ, պահպանուա՛ծ է հայկականութիւնը», նշեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ ատիկա վճռորոշ է պատմութեան հետ կապը պահելու համար: Անոր կարծիքով, սփիւռքի ամէնէն մեծ սխալը այս խնդիրը աչքաթող ընելն է: Ան յիշեցուց մամուլի եւ լրատու աղբիւրներուն կարեւորութիւնը` հայութեան զանազան խաւերը տեղեկացնելու ուղղութեամբ:

Տիգրան Եկաւեանը նկատել տուաւ, որ լսատեսողական միջոցներն ու ժապաւէնները իրազեկման հրաշալի գործիքներ են, որոնք առիթ կու տան երիտասարդներուն` իրենք զիրենք ճանչնալու եւ ըստ այնմ կողմնորոշուելու: Ի տես ներկայի արագընթաց ժամանակին` ան շեշտեց նոր ուղիներ նուաճելու հրամայականը, որպէսզի երիտասարդութեան նոր հոսանքները հետաքրքրուին ինքնութեան նորօրեայ ծալքերով:

Վահէ Պէրպէրեանը շեշտեց հայկական ժառանգութիւնը փոխակերպելու եւ անոր ծանրակշիռ հէնքը դրականի վերածելու, նաեւ երիտասարդութիւնը զոհի մտայնութենէն ձերբազատելու կարեւորութիւնը, որպէսզի վերջինս անդրադառնայ, որ` «Հայ ըլլալը կրնայ գեղեցիկ ու ցանկալի ըլլալ»: Ըստ անոր, այնքան ատեն որ հայկական ինքնութիւնը կ՛առնչենք կարծր եւ լուրջ կեցուածքներու, մենք փակուած կը մնանք ինքնութեան պատնէշին ետին, եւ այլեւս անօգուտ կ՛ըլլայ «երիտասարդութեան ծախել բան մը, որուն կարիքը ան չունի»: Թատերական ու գեղարուեստական դիտանկիւնէն, ան շեշտեց հայութեան ստանձնած դերին կարեւորութիւնը, որ ազդեցութիւն կը գործէ իր ինքնութեան վրայ` մէջբերելով Քըրթ Վոնկըթ Ճիւնիըրին հետեւեալ խօսքը. «Ուշադի՛ր այն ինչին, զոր կը յաւակնիս ըլլալ, քանի դուն ա՛յն ես, ինչ կը յաւակնիս ըլլալ»:

Վարուժան Մարտիկեանը խօսեցաւ ֆրանսական եւ հայկական աշխարհի վերամիաւորման անհրաժեշտութեան մասին` ըսելով, որ այս երկուքը իրարու հետ կը հաղորդակցին առանց իրապէս զիրար դիմակայելու: Ատոր համար ալ, ըստ բանախօսին, անհրաժեշտ է համախմբել մասնագէտներ, որոնց փորձաքննութեան արդիւնքը պէտք է դրուի հաւաքական կազմակերպութեան մը տրամադրութեան տակ, որ կարենայ ծառայել իբրեւ մշակութային կամուրջ: Ան եւս անդրադարձաւ փոխանցման հարցին` ըսելով. «Այսօր փոխանցումը այլեւս արեան պարտք չէ, այլ հաճոյք է, իմաստութեանց որոնում»: Մարտիկեանին կարծիքով, հայկական ինքնութիւնը պէտք է կարենայ դիմակայել իրականութեան բոլոր եզրերը` քաղաքական, մշակութային եւ մտաւորական մարտահրաւէրներու ճամբով:

Երկրորդ կլոր սեղանը` «Հայեցի դաստիարակութիւնը` ի՞նչ բովանդակութեամբ եւ ինչպիսի՞ միջոցներով», կ՛առնչուէր Ֆրանսայի մէջ հայկական դաստիարակութեան: Այս նիւթին շուրջ տեսակէտներ յայտնեցին «Հրանդ Տինք» ֆրանքեւհայկական դպրոցի մանկավարժական բաժինի պատասխանատու Կարապետ Տագէսեանը, համալսարանի դասախօս Անահիտ Տօնապետեանը, Երեւանի ԹՈՒՄՕ կեդրոնի տնօրէնուհի Մարի-Լու Փափազեանը եւ «Նոր Յառաջ»-ի տնօրէն Ժիրայր Չոլաքեանը:

Ա. Տօնապետեանը անդրադարձաւ Ֆրանսայի հայկական դպրոցներու խնդիրներուն` դուրսէն դիտողի հայեացքով: Ան յիշեցուց, որ այդ դպրոցները առաջին հերթին երկլեզու վարժարաններ են, որոնք կը հետեւին երկրի ազգային կրթական ծրագիրին, եւ ուր հայերէնը միա՛յն շաբաթը քանի մը ժամ կը դասաւանդուի, ինչ որ գոհացուցիչ չէ, անշուշտ: Տօնապետեանը դիտել տուաւ, թէ որոշ դասատուներ յաճախ ճիշդ ձեւով դասաւանդելու պատրաստութիւնը չունին, իսկ շատեր չեն ըմբռներ երեխային ներաշխարհը: Ան պաշտպանեց այն տեսակէտը, որ պէտք է աշակերտի կարիքներուն հիման վրայ ծրագիր մը մշակել` որդեգրելով կրթական նոր մեթոտներ: Ան ընդգծեց թիրախային նախաձեռնութիւնները բազմապատկելու անհրաժեշտութիւնը` երեխային լեզու սերմանելու նպատակադրումով, նկատի ունենալով, որ` «անոնք կարիք չունին հայերէն խօսելու, եւ անոնց լեզուն զարգանալու շատ քիչ հնարաւորութիւն ունի»: Միւս կողմէ` Տօնապետեանը խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ եւրոպական մագիստրոսութիւն հիմնելու իր ծրագիրին մասին` «Erasmus»-ի ծիրէն ներս:

Կարապետ Տագէսեանը իրավիճակը ներսէն ապրողի մը իր տեսակէտները յայտնեց կրթական կառոյցներուն վերաբերեալ: Ան մատնանշեց նիւթական միջոցներ գտնելու դժուարութիւնները եւ պետութեան կողմէ պարտադրուած` հայկական եօթը դպրոցներու ղեկավարման պայմանները, որոնք կը համախմբեն շուրջ 1300 աշակերտներ: Այս թիւը նոյնիսկ եթէ յառաջիկայ քառասուն տարիներուն տասով բազմապատկուի, դարձեա՛լ անբաւարար կը մնայ: Տագէսեան նաեւ յիշեցուց, որ լեզուն նախ ընտանիքի եւ համայնքային կեանքի փոխադարձ ազդեցութեան արգասիքն է: Այս առումով, ան ներկայացուց երեխայի մը մէջ այն երկընտրանքը, որ դեր ունի լեզուի ընտրութեան մէջ` իր ներաշխարհը արտայայտելու համար: Դասախօսին կարծիքով, երեւոյթը բառապաշարի հարց է. մինչ ֆրանսացի աշակերտը հազարաւոր բառերով կը զարգացնէ իր բառապաշարը, հայերէն խօսող եւ հայերէն սորվող երեխան արդեօք կը համարձակի՞ հայերէնով արտայայտուիլ` իր սահմանափակ բառապաշարով:

Ժիրայր Չոլաքեանը ընդգծեց, որ պէտք է կրթութիւնը ընդգրկել սփիւռքի քաղաքական կազմակերպութիւններու օրակարգին մէջ: Կուսակցութիւնները, մշակութային միութիւնները եւ զանազան համայնքային կառոյցները շատ կարեւոր են փոխանցումը քաջալերելու եւ ուղղութիւն տալու առումով: Վերլուծելով ֆրանսական կրթական համակարգը եւ հայոց լեզուի ահազանգային կացութիւնը` ան քննադատեց սփիւռքի կազմակերպութիւններու անտարբերութիւնը հայերէնի դասաւանդման նկատմամբ, մինչդեռ լեզուն ամէնէն լաւ միջոցն է` իբրեւ ժողովուրդ վերանորոգուելու եւ գոյատեւելու համար: Ըստ անոր, այս կացութիւնը իր հետեւանքը կ՛ունենայ նաեւ Հայաստանի վրայ, նկատի ունենալով, որ վերջինս պէտք ունի իրեն սատարող զօրաւոր սփիւռքի մը: Առանց կրթական համակարգի` սփիւռքը պիտի չկարենայ իր դերը կատարել: Լրագրող եւ մանկավարժ Չոլաքեանը շեշտեց, որ հարկ է այս նիւթը վիճարկումի առարկայ դարձնել` նկատի ունենալով, որ դասախօս եւ աշակերտ կերտող սփիւռքի կրթական հաստատութիւնները մէկը միւսին ետեւէն կը փակեն իրենց դռները. յիշենք` Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը, Կիպրոսի Մելգոնեանը եւ Փարիզի Սամուէլ Մուրատ վարժարանը: Միւս կողմէ` Չոլաքեանը յայտնեց, որ Ֆրանսայի հայկական դպրոցներուն մեծամասնութիւնը կառուցուած է անհատ նուիրատուներու մեծ գումարներով, այլ ոչ թէ` հաւաքական զօրաշարժի շնորհիւ: Հուսկ, ան ներկայացուց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հնգամեայ ծրագիրի զարգացումն ու հեռանկարները, ինչ որ կը նպաստէ նորարար մանկավարժութեան վրայ հիմնուած կրթական համակարգ եւ ուսուցիչներ պատրաստելու աշխատանքին:

Մարի-Լու Փափազեանը, մեկնելով սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ ունեցած իր անհատական փորձառութենէն` որպէս ԹՈՒՄՕ-ի տնօրէնուհի, կրթական հարցը քննարկեց միաժամանակ ներսի եւ դուրսի հայեացքով: Ան յայտնեց, թէ ուրախալի է, որ այս հարցը հետզհետէ կը զարգանայ ու կը հասուննայ աշխարհի հայութեան մտայնութեան մէջ: Իր ընտանիքին օրինակը բերելով` Փափազեանը յայտնեց, որ իր զաւակները հայ լեզուով եւ հայ մշակոյթով մեծցնելու մտադրութեամբ է, որ ինք փոխադրուած եւ կայք հաստատած է Հայաստան: Հայերէնի դասաւանդութիւնը բարելաւելու համար ան նշեց, որ պէտք է ուսումնասիրել այս մարզին մէջ ցարդ արձանագրուած թերութիւններն ու յաջողութիւնները` նկատի ունենալով, որ տակաւին լրջօրէն չէ քննարկուած այս հարցը: Անդրադառնալով ԹՈՒՄՕ-ի գլխաւոր յատկանիշներուն` Փափազեան նշեց գրաւիչ բովանդակութեամբ ստեղծագործական միջավայրի մը կերտումը, ինչ որ հրամայական է տեղեկութիւններով «ռմբակոծուող» մերօրեայ աշակերտին համար` իր ուղղութիւնը գտնելու առումով:

Վերջին կլոր սեղանին մասնակցեցան Հօ-տը-Սենի Նահանգային խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տէվէճեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քէփէնէկեանը եւ Հայ դատի Ֆրանսայի յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Մարտիրոսեանը: Տէվէճեանը անդրադարձաւ Ֆրանսայի հայութեան քաղաքական պայքարի պատմութեան եւ ընդգծեց Հայաստանի պետութեան փխրուն կացութիւնը` յոյժ կարեւոր նկատելով մայր հայրենիքի հետ հայ համայնքին յարաբերութիւնները վերաձեւակերպելու հրամայականը:

Ժ. Քէփէնէկեանը, համաձայն ըլլալով Տէվէճեանի նշեալ տեսակէտին, իր կարգին շեշտեց դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները զարգացնելու եւ ամրապնդելու կարեւորութիւնը` միաժամանակ յարգելով Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը երկիրը կառավարելու եւ որոշումներ կայացնելու գործընթացին մէջ: Քաղաքապետը նաեւ հրաւիրեց ներկաները` համագործակցելու եւ ճշդելու առաջնահերթութիւնները: Ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ սփիւռքի հմտութիւններուն, որոնք կրնան նպաստել Հայաստանի տնտեսական բնագաւառի զարգացման գործընթացին:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը ներկայացուց Հայ դատի ծրագիրներու կարեւորագոյն եզրերը` Հայաստանի Հանրապետութեան ամրապնդումը, Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը, Ցեղասպանութեան ճանաչումը, երիտասարդութեան քաղաքականացումը եւ զայն զօրաշարժի ենթարկելը: Ան նշեց, որ հայութիւնը պէտք է կազմակերպուի դէմ դնելու համար թուրք-ազերիական դաշինքի սադրանքներուն, որոնք կը փորձեն ապակայունացնել Հայ դատի պայքարը, ինչպէս նաեւ սպառնալիքներ կ՛ուղղեն ՀՅԴ-ի անդամներուն դէմ` կազմակերպելով ցոյցեր եւ տարածելով ապատեղեկատուութիւններ: Ան հետաքրքրական մատնանշում մը ընելով` քննադատեց նոր սահմանադրութիւնը, որ կառավարութեան անդամներուն ու պետական կառոյցներու ղեկավարներուն կը պարտադրէ երկքաղաքացիութեան սահմանափակումներ: Տէր Խաչատուրեանին կարծիքով, այս քայլը վնաս կը հասցնէ պետութեան շահերուն, որ իր քաղաքական համակարգը կղպելու փոխարէն` պէտք է բացուի դուրսի աշխարհին եւ առաջին հերթին` սփիւռքին:

Յարութ Մարտիրոսեանը իր ելոյթին ընթացքին թուեց Հայ դատի ձեռնարկած աշխատանքները` յիշողութեան նոր կեդրոնի մը հաստատումը, ֆրանսահայ համայնքի հետեւողական զօրակցութիւնը եւ CCAF-ի նման կառոյցի մը ստեղծումը, որ Ֆրանսայի քաղաքական դաշտին վրայ կը պայքարի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր: Ան եզրափակեց` նշելով, որ Հայ դատի պահանջատիրութեան անկիւնաքարը կը մնայ հատուցման հարցը եւ Հայաստանի մէջ արդարութեան ու ժողովրդավարութեան հաստատումը:

Նշմար. Ոճրագործ Մետալակիրներու Միջեւ Խօսքի Աճուրդ

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Աշխարհի հզօր ու նուազ հզօր պետութիւններու վարիչները տարօրինակ մրցակցութեան մը մէջ են ու կը փորձեն զիրար գերազանցել այլանդակութիւններով, սակայն կրնանք անվարան ըսել, որ Թուրքիոյ նախագահը եւ անոր գործակիցները կրնան խլել ոսկեայ, արծաթեայ ու պրոնզեայ մետալները, աչք ունին նաեւ թիթեղեայ եւ կերպընկալէ մետալներու` իբրեւ գլխաւոր մրցակից ունենալով Իսրայէլի պետական պատասխանատուները:

Լեզուով պաղեստինցիներուն հետ է, գրպանն ու սիրտը` Իսրայէլի հետ

Պաղեստինցիք անցեալ ուրբաթ, 30 մարտին, շղթայազերծեցին պահանջատիրական պայքարի նորագոյն ալիքը` «Հողի օր»-ուան առիթով, յայտարարելով, որ ցուցական երկարաշունչ արարքներու պիտի դիմեն: Գլխաւոր բեմը եղաւ Կազայի սահմանագիծը: Ինկան բազմաթիւ զոհեր, բազմահարիւր վիրաւորներ, որովհետեւ, ըստ սովորութեան, պարսատիկներով ու քարերով կռուի դաշտ իջած պաղեստինցիները անգամ մը եւս իրենց դիմաց գտան իսկական փամփուշտ, զրահապատներ ու հրասայլեր գործածող իսրայէլեան բանակայինները, որոնց համար նման ոճիրներ գործելը մաս կը կազմէ վերը յիշուած մերօրեայ այլանդակութիւններուն, եւ որոնք «այդպէս ալ պէտք է ըլլայ»-ի տրամաբանութեամբ կը դիտուին աշխարհի հզօրներուն ու անոնց կամակատար մամուլին կողմէ:

Եւ յանկարծ Էրտողան դարձեալ հրապարակ նետուեցաւ պաղեստինցիներուն պաշտպանի պատմուճանով, անմարդկային եւ ոճրագործ անուանեց Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուն, որ «տակը չմնաց» եւ Էրտողանի երեսին տուաւ քիւրտեր եւ ընդդիմադիրներ ջարդելու-ռմբակոծելու անոր վարքագիծը: Արդիւնքը այն եղաւ, որ խօսքի այս աճուրդին շնորհիւ` աշխարհը ականջալուր եղաւ երկու ճշմարտութիւններու հրապարակման, որուն համար երկո՛ւքն ալ արժանի են արիւնոտ մետալներու:

Առանց աչքաթող ընելու Իսրայէլի պետական պատասխանատուներուն անկարելի ինքնարդարացումները` պահ մը կեդրոնանանք Էրտողանի կեցուածքին վրայ: Ահաւասիկ ան անգամ մը եւս արաբական աշխարհին կը ներկայանայ պաղեստինցիներու դատին պաշտպանի «բարձունք»-էն, մինչդեռ արաբական աշխարհը գիտէ, պէտք չէ՛ մոռնայ, որ Թուրքիա, երէկուան ու այսօրուան Թուրքիան ոճիրներ գործած է նա՛եւ արաբական երկիրներու դէմ: Աշխարհն ու արաբական երկիրները պէտք է իրենց ականջներն ու աչքերը լայն բանան Էրտողանի այն յոխորտանքին դիմաց, որ այսօրուան Թուրքիան շարունակութիւնն ու ժառանգորդ է օսմանեան սուլթանութեան: Այս հաստատումին, խոստովանութեա՛ն իսկ մէջ պէտք է տեսնել Էրտողանի Թուրքիոյ այն յաւակնութիւնները, որոնք կը ձգտին հողեր խլել Սուրիայէն, Իրաքէն` զանոնք գումարելու համար Հայաստանէն, Կիպրոսէն ու Յունաստանէն խլուած հողերուն վրայ: Աշխարհն ու արաբական աշխարհը նաեւ պէտք չէ անտարբեր դիտողի դիրքին վրայ մնան, երբ ամէն օր ականատես կ՛ըլլան քիւրտերու ջարդերուն, որոնք կը կատարուին ուղղակի թրքական բանակին կողմէ, կամ` եզիտիներու ջարդին, որոնք տեղի ունեցան Իրաքի մէջ նոյնինքն թրքական դրածոյ «ծայրայեղական ուժեր»-ու կողմէ: Տակաւին, պէտք է յստակօրէն թրքական բեմադրութիւն տեսնել Եգիպտոսի ու Լիպիոյ մէջ «ծայրայեղականներու» արարքներուն մէջ. իսկ վաղը նման դերակատարութեան կրնան վերակոչուիլ Դամասկոսի մօտակայ շրջաններէն հեռացուած ու Թուրքիոյ դրացնութեան մէջ համախմբուած ոճրագործ խմբակները, որոնք այլապէս աշխարհին կը ներկայացուին Սուրիոյ իշխանութիւններուն ընդդիմադիրի պատմուճանով, իսկ անոնց յելուզակութիւններուն ականատես եղանք Քեսապի, Հալէպի, Տէր Զօրի, Արաբ Բունարի, Աֆրինի մէջ եւ այլուր…

Այս ու նմանօրինակ աղաղակող այլանդակութիւններու ի տես` կ՛արժէ՞ մտածել, որ Անգարա իր այցելութեան առիթով Փութին քայլ մը պիտի առնէ մետալներ խլելու Էրտողանէն, կամ` նման քայլի մը կրնան դիմել Թրամփ եւ Փութին` աշխարհը երեւութապէս տակն ու վրայ ընող դիւանագիտական փոթորիկէն ետք ծրագրուող հանդիպումին…

2 ապրիլ 2018

 

Ընտրական Քրոնիկ. Առանցքներ

$
0
0

Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն  լիբանանահայ համայնքի մօտեցման եղանակի, մասնակցութեան եւ մանաւանդ ճշդած քաղաքական սկզբունքներու աւանդութիւն մը կայացած է, որ հերթական փուլի վերյիշելը օգտակար է:

Երկու հիմնական ուղղութիւն ինքզինք միշտ զգալի դարձուցած է քաղաքական կեդրոնական ուժերուն եւ հիմնական ընտրազանգուածին համար: Երկրի գերագոյն օրինականութիւնը, որ ընդհանրապէս նախագահ-խորհրդարանի նախագահ-վարչապետ եռեակով կը խորհրդանշուի, առանցքը հանդիսացած է ո՛չ միայն լիբանանահայ համայնքի քաղաքական, այլ նաեւ ընտրական աշխատանքներուն:

Ի վերջոյ այս եռեակին առանցքին շուրջ համախմբուիլը Լիբանանի միջհամայնքային դրուածքին զօրակցութիւնն է: Դրուածք, որուն հիման վրայ կառուցուած է ամբողջ քաղաքական եւ հասարակական համակարգը:

Այս առանցքէն դուրս  գործած ուժերը զանազան փուլերու ո՛չ միայն պետականութեան եւ միջհամայնքային համակեցութեան չնպաստող դիրքերու վրայ գտնուած են, այլ նաեւ ուղղակի տեղի տուած բախումներու: Այդ առանցքէն հեռացումն է նաեւ, որ պատճառ դարձած է քաղաքացիական պատերազմի, որքան ալ որ արտաքին ներշնչումները հզօր ազդեցութիւն գործած են նման բռնկումներու:

Երբ նոյնիսկ հակասութիւն ստեղծուած էր եռեակին միջեւ, լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչները, Հայկական երեսփոխանական պլոքի միջոցով կամրջումի դեր ստանձնած էին աղիւսելու համար ճեղքերը:

Այդ առանցքէն դուրս գտնուողները տարբեր առիթներու սպառնացած էին նաեւ լիբանանահայ համայնքի անվտանգութեան եւ սակայն արժանացած` ինքնապաշտպանութեան պատասխանին:

Այդ առանցքի գերադասումը ինքնանպատակ չէր անշուշտ եւ եթէ մէկ կողմէ կը բխէր համալիբանանեան շահերը գերադասելու մօտեցումէն, միւս կողմէ նաեւ լիբանանահայ համայնքի խորհրդարանական ներկայացուածութիւնը իբրեւ անկախ միաւոր պահելու առաջադրանքէն:

Առանցքէն հեռու գտնուող ուժերու հետ դաշնակցելէ առաջ եւ անկէ ետք որեւէ միաւոր կամ անհատ, աւելի մասնակիօրէն համայնքային-կազմակերպական կառոյցներէն հեռու` ծագումնային-դաւանանքային պատկանելիութեամբ ներկայացող անհատ պիտի ունենա՞յ պատրաստուածութիւնը  նժարի վրայ դնելու  լիբանանեան համայնքային դրուածքը  կայուն պահելու եւ այդ ճամբով նաեւ լիբանանահայ քաղաքական գործօնը իբրեւ անկախ միաւոր ձեւաւորելու աւանդութիւնը շարունակելու հրամայականը: Երկու առանցքներէն հեռացումը թէ՛ լիբանանեան եւ թէ՛ լիբանանահայկական ուղղութիւններով չի նպաստեր ո՛չ Լիբանանին, ո՛չ ալ լիբանանահայ համայնքին:

«Ա.»


Թուրքիա Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Համաձայնագիրը Ամէնէն Շատ Խախտողն Է

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թուրք փորձառու լրագրող Սետաթ Էրկին «Հիւրրիյէթ» թերթին մէջ կը գրէ, որ` «Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ) Թուրքիան է մարդկային իրաւունքներու խախտումներու առաջամարտիկը»: Եւրոպական դատարանը դատական գործերու վերաբերեալ որոշումներ կը կայացնէ այն ատեն, երբ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրը ստորագրած պետութիւնները կը խախտեն անոր դրոյթները:

Թէեւ Թուրքիա միացած է Եւրոպական դատարանին` վերջինիս հիմնադրումէն 27 տարի անց` 1986-ին, սակայն փաստ է, որ Թուրքիոյ մէջ թիւով աւելի շատ խախտումներ եղած են, քան միւս բոլոր անդամ երկիրներու մէջ` 1959-2016 ժամանակահատուածին ընթացքին:

Եւրոպական դատարանը Թուրքիոյ վերաբերեալ ընդհանուր առմամբ կայացուցած է 3270 դատավճիռ, որոնցմէ 2889-ին մէջ յայտնաբերուած են Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրի խախտումներ: Դատարանը յայտնաբերած է, որ Թուրքիա միայն 73 պարագաներու մէջ չէ կատարած որեւէ խախտում: Մնացած բոլոր պարագաներուն հայցերը լուծուած են ուրիշ ձեւով: Նկատի ունենալով, որ դատական գործերու մեծ մասին մէջ արձանագրուած է աւելի քան մէկ խախտում, Թուրքիոյ մէջ կատարուած խախտումներուն ընդհանուր թիւը կազմած է 4514:

Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի 2016-ի տարեկան զեկոյցին մէջ նշուած է.

– Ամէնէն մեծ թիւով թրքական խախտումները (832) եղած են «արդար դատավարութեան իրաւունք»-ի ոլորտէն ներս:

– 2-րդ մեծ թուաքանակ ունեցող տեսակը (707 խախտում) «ազատութեան եւ անվտանգութեան իրաւունք»-ն է: Այս վերջին տեսակը կը նշանակէ, որ` «Թուրքիոյ քաղաքացիները յաճախ կը ձերբակալուին ապօրինի մեթոտներով, եւ այդ ձերբակալութիւնները դիւրութեամբ կրնան վերածուիլ դատավճիռներու»` ըստ Էրկինի:

– Խախտումներու 3-րդ մեծ թիւ կազմող տեսակը (653) «սեփականութեան պահպանութեան իրաւունք»-ն է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ շատ մը թուրք քաղաքացիներ զրկուած են սեփականութեան իրաւունքէ:

–  4-րդ մեծ թիւ կազմող տեսակը (586) «վարոյթներու տեւողութեան» խախտումն է:

– «Արդիւնաւէտ քննութեան բացակայութիւնը» 5-րդ դիրքի վրայ է` 412 խախտումներով:

–  «Անմարդկային կամ արժանապատուութիւնը նուաստացնող վերաբերումը» 6-րդ տեղը կը գրաւէ` 314 խախտումներով:

– 7-րդ դիրքը կը գրաւէ «արդիւնաւէտ պաշտպանութեան իրաւունքը» (268 խախտում):

–  «Արտայայտութեան ազատութիւնը» 8-րդն է (265 խախտում):

– 9-րդը` «կեանքի իրաւունքի` կեանքէն զրկելու» 133 խախտումներն են:

– 10-րդ դիրքի վրայ են «անձնական եւ ընտանեկան կեանքի նկատմամբ յարգանքի իրաւունք» խախտումները (100 խախտում):

Իսկ Ազրպէյճանի պարագային, 2002-2016 թուականներուն Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ արձանագրուած են 122 դատական հայցեր, որոնցմէ 118-ին մէջ յայտնաբերուած են Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրի խախտումներ, որոնք շատ աւելի քիչ են, քան` Թուրքիոյ խախտումները, որովհետեւ Ազրպէյճան ՄԻԵԴ-ին միացած է աւելի ուշ` 2002-ին: Մնացած չորս դէպքերը լուծուած են այլ կերպ: Որոշ պարագաներու եղած են մէկէ աւելի խախտումներ: Ազրպէյճան ունեցած է ընդամէնը 224 խախտում: Այսպէս`

– Ամէնէն մեծ թիւով խախտումները (44) եղած են «արդար դատավարութեան իրաւունք»-ի ոլորտէն ներս:

– 2-րդ մեծաթիւ խախտումը (34)` «ազատութեան եւ անվտանգութեան իրաւունք»-ի մէջ:

– 3-րդ մեծաթիւ խախտումը (30)` «սեփականութեան պահպանութեան»:

–  4-րդ մեծաթիւ խախտումը (21)` «ազատ ընտրութիւններու իրաւունք»-ի:

– «Արդիւնաւէտ քննութեան բացակայութիւն»-ը

5-րդ մեծ թիւով խախտումն էր (17):

Միւս կողմէ, Հայաստան, որ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրին միացած է Ազրպէյճանի հետ (2002-ին), աւելի քիչ խախտումներ ունեցած է: 2002-էն մինչեւ 2016 ՄԻԵԴ-ի կողմէ ընդդէմ Հայաստանի արձանագրուած են 75 դատավճիռներ, որոնցմէ 68-ին մէջ եղած են խախտումներ: Մնացած 7 դէպքերը լուծուած են ուրիշ ձեւով: Որոշ պարագաներու եղած են մէկէ աւելի խախտումներ, Հայաստան ունեցած է ընդամէնը 119 խախտում:

– Ամէնէն մեծ թիւով խախտումները (32) եղած են «արդար դատաքննութեան իրաւունք»-ի ոլորտէն ներս:

– 2-րդ մեծաթիւ խախտումները (27)` «ազատութեան եւ անվտանգութեան իրաւունք»-ի:

– 3-րդ մեծաթիւ խախտումները (16)` «սեփականութեան պահպանման»:

Դրացի Վրաստանը ունեցած է աւելի քիչ խախտումներ, քան` Հայաստանը: Վրաստանը Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրին միացած է 1999-ին: ՄԻԵԴ 1999-2016 Վրաստանի դէմ ներկայացուցած են 68 դատական հայցեր, որոնցմէ 52-ը խախտումներ եղած են: Մնացած 16 դէպքերը կարգաւորուած են ուրիշ ձեւով: Դէպքերէն քանի մը հատին մէջ արձանագրուած են մէկէ աւելի խախտումներ. Վրաստանը ունեցած է ընդամէնը 99 խախտում:

– Ամէնէն մեծ թիւով խախտումները (20) եղած են «ազատութեան եւ անվտանգութեան իրաւունք»-ի մէջ:

–  2-րդ մեծաթիւ խախտումները (17)` «անմարդկային կամ արժանապատուութիւնը նուաստացնող վերաբերում»-ի մէջ:

– 3-րդ մեծաթիւ խախտումը (իւրաքանչիւրը 12 հատ) կապուած է «արդիւնաւէտ քննութեան բացակայութիւն» եւ «արդար դատաքննութեան իրաւունք»-ի հետ:

Բացի վերոնշեալ խախտումներէն` Թուրքիա եւ Ազրպէյճան ՄԻԵԴ-ի հետ շատ աւելի լուրջ հարցեր ունին: Յուլիս 2016-ին տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձէն ետք Թուրքիա որոշած է կասեցնել Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրը: Սակայն չեն կրնար կասեցուիլ համաձայնագիրի որոշ հատուածներ, ինչպիսիք են` կեանքի իրաւունքը եւ խոշտանգումներու ու անմարդկային կամ արժանապատուութիւնը նուաստացնող վերաբերումի կամ պատիժի արգելքը:

Ազրպէյճան լուրջ հարց մը եւս ունի ՄԻԵԴ-ի հետ. վերջինս վճռած է, որ ազրպէյճանցի ընդդիմադիր քաղաքական նշանաւոր գործիչ Իլկար Մամետովը պէտք է ազատ արձակուի բանտէն: 2014-ին Ազրպէյճան մերժած է կատարել ՄԻԵԴ-ի որոշումը: Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէն եւ Խորհրդարանական վեհաժողովը  շարք մը որոշումներ կայացուցած են` կոչ ընելով Ազրպէյճանին` ազատ արձակելու Մամետովը: Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէն նախաձեռնած է դատական գործի աննախադէպ վերանայման` ՄԻԵԴ-ի որոշումին դէմ Ազրպէյճանի ցուցաբերած անհամաձայնութեան պատճառով: Ազրպէյճանի կողմէ այս որոշումին հետագայ մերժումը կրնայ յանգեցնել Եւրոպական խորհուրդէն Ազրպէյճանի վտարման…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Վտանգաւոր Բեւեռացում

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Այսօր հայ իրականութիւնը բեւեռացած է: Մարդիկ կրնան հակափաստարկել, որ այսօր աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ հասարակութիւնները բեւեռացած են, եւ հայկական իրականութիւնը պէտք չէ անջատել աշխարհի մէջ տիրող համընդհանուր պատկերէն:

Ճիշդ է` արեւմտեան երկիրներուն մէջ հասարակութիւնները բեւեռացած են: Ներկայի բեւեռացումները աւանդական աջի ու ձախի գաղափարախօսութիւններու վրայ հիմնուած բեւեռացումներ չեն այլեւս, այլ, այսպէս կոչուած,  էլիթիզմի եւ ամբոխավարութեան (populism), համաշխարհայնացած եւ զուտ ներազգային մօտեցումներու, ներառական (inclusive) եւ այլամերժ (exclusive) քաղաքականութիւններու (ներառեալ` գաղթականներու եւ փախստականներու), տնտեսական ու ֆինանսական գերազատական ու հաւասարակշռուած մօտեցումներու, անդրազգային եւ ներազգային գաղափարախօսութիւններու եւ այլն:

Ինչ կը վերաբերի հայութեան, հայ իրականութիւնը հիմնականին մէջ բեւեռացած է հասարակութիւն-իշխանութիւններ հարթակին վրայ եւ ո՛չ` վերոնշեալ գաղափարախօսութիւններու, քաղաքականութիւններու եւ մօտեցումներու: Մեր հանրային քննարկումներուն նիւթն ու թիրախը իշխանութիւններն են, եւ ո՛չ թէ` ժամանակակից գաղափարախօսութիւնները, համաշխարհային քաղաքակրթութեան մեր բերելիք նպաստները, մեր երկրի մրցունակութեան մակարդակի բարձրացումը, հզօրացումը, սրընթաց արագութեամբ զարգացող արհեստագիտութիւններու օգտագործումը եւ այլն:

Անցնող շաբաթներուն եւ ամիսներուն հայաստանեան իրականութեան մէջ արձանագրուած դէպքերը կրնան հաստատել այս փաստարկումը: Սկսած «քարթոֆիլ ուտելու» դէպքէն` մինչեւ Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ կիներ ծեծելու պատահարը, Հայաստանի նոր նախագահ ընտրելու գործընթացը ու վերջերս ալ Ասիա Խաչատրեանի Արցախի իրաւապահ մարմիններուն հետ ունեցած դէպքին բարձրացուցած հանրային վրդովմունքները, բողոքները, հայհոյանքներն ու անէծքները, թեր ու դէմ կարծիքները, հիմնաւորուած ու անհիմն քննարկումները, իշխանութեան արդարանալու ու չքմեղանալու փորձերը կու գան հաստատելու, որ սուր ու շատ վտանգաւոր բեւեռացում գոյութիւն ունի հայ հասարակութեան (հայաստանաբնակ ու սփիւռքաբնակ) եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն միջեւ, ինչ որ լրջօրէն կը խոչընդոտէ համազգային համերաշխութիւնը,  անդորրութիւնն ու մանաւանդ` յառաջդիմութիւնը:

Աւելի պարզ. արձանագրուած դէպքերն ու հասարակութեան ցուցաբերած հակազդեցութիւնը կարելի է մեկնաբանել այնպէս, որ հանրութեան հաւատքի ու վստահութեան մակարդակը` իշխանութիւններուն միջոցով արդարութիւն հաստատելու, ժողովրդավարութիւն, օրէնքի գերակայութիւն եւ մարդու իրաւունքներ ամրագրելու, աղքատութիւնը նուազեցնելու, տնտեսութիւն բարելաւելու, ինչպէս նաեւ` բարօրութիւն ապահովելու, բաւականին նուազած է, եւ որեւէ յարաբերութեան մէջ, ուր փոխադարձ հաւատքն ու վստահութիւնը խախուտ է, այդ յարաբերութեան զարգացումն ու արդիւնաւէտութիւնը խիստ կասկածելի է:

Այս ծիրին մէջ, օրէ օր խորացող այս բեւեռացումին իբրեւ հետեւանք, արդարօրէն կատարուող բարեփոխումները, հատ ու կենտ իրականացած յաջողակ պատմութիւնները (success stories) եւ յուսադրող ծրագիրները (օրինակի համար` Եւրոմիութեան հետ համագործակցութեան համաձայնագիրը, տնտեսական տարեկան որոշակի աճը, առեւտրական ազատ գօտիի ստեղծումը, IT ոլորտի զարգացումը, զբօսաշրջիկներու թիւի տարեկան աճը, Ֆրանսախօս երկիրներու Հայաստանի մէջ կատարելիք համաժողովը եւ այլն) լուսանցքային կը մնան ու չեն արժանանար հանրային համապատասխան քննարկումի եւ արժեւորումի:

Պէտք է նշել նաեւ, թէ որքան ալ բացասական ու վտանգաւոր թուին Արեւմուտքի մէջ զարգացող բեւեռացումները, փաստօրէն արեւմտեան պետական աւագանիները մինչ այս պահը կը յաջողին հակակշռել զանոնք, որովհետեւ այս հասարակութիւններուն մէջ ժողովրդավարութեան, արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններու ու օրէնքի գերակայութեան մակարդակները համեմատաբար բարձր են, եւ իշխանութիւններուն գոյատեւումը կախեալ է ընկերութիւններուն շնորհուած վստահութենէն (քուէներէն): Հայաստանի պարագային պէտք է ընդունիլ, որ կացութիւնը բնականաբար նոյնը չէ եւ դժուար է կռահել, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները որքա՛ն երկար պիտի կարենան հակակշռի տակ պահել խորացող այս բեւեռացումը: Առկայ բեւեռացումը հայութեան համար աւելի վտանգաւոր է` նկատի առնելով մեր երկրին մէջ տիրող ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան մակարդակները, սահմանադրական փոփոխութիւններով նախատեսուած յառաջիկայի համակարգային վերադասաւորումները, սահմանային ու տարածաշրջանային սպառնալիքները, պատերազմի ամէնօրեայ վտանգը, երկրին աղքատութեան տոկոսն ու չդանդաղացող արտագաղթը:

Հետեւաբար, այս գարնան հետ, պետական կառավարման խորհրդարանական ուղին որդեգրող Հայաստանի իշխանութիւնները, որպէս առաջնահերթ ու լրջագոյն մարտահրաւէր, պէտք է առկայ ընկերային բեւեռացումը համապատասխան քննարկումի ենթարկեն, երկարատեւ լուծումներ առաջարկեն ու գործադրեն:

Ժողովուրդին հետ երկխօսութեան կամուրջներ ստեղծելը առաջին քայլն է: Այդ քայլին յաջորդելու է ո՛չ թէ լոկ անձերու փոփոխութիւնը, այլ` պետական համակարգի արմատական հաստատութենականացումը, անպատժելիութեան վերացումը, դատական համակարգին բարելաւումը, տնտեսական միջին խաւի հզօրացումը, աղքատութեան տոկոսի եւ արտագաղթի նուազեցումը, մարդու տարրական իրաւունքներու անձեռնմխելիութիւնը, մենաշնորհներու դէմ պայքարը, արդար ու թափանցիկ ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ` հայրենադարձութեան ժամանակակից, գործնական, գրաւիչ ու արդիւնաւէտ ծրագրի գործադրումը:

Ժողովուրդը իր հաւատքն ու վստահութիւնը կը վերականգնէ իշխանութիւններուն նկատմամբ, երբ կը տեսնէ ու կը զգայ, թէ վերջինները կը գործեն որպէս ազգին ու պետութեան վերելքին նպաստող հանրային ծառայողներ եւ ո՛չ ուրիշ բան…

Վիեննա, 31 մարտ 2018

Զատկուան Գոյժ

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Ապրիլ 2-ին` Զատկուան յաջորդող օրը, նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ դարձեալ շաբաթավերջը անցուցած էր Ֆլորիտայի իր զեխ պանդոկներէն մէկուն մէջ, այս անգամ` ինքզինք շրջապատած խումբ մը ծայրայեղ ազգայնականներով, աւետիս մը ծանուցելու փոխարէն` գուժեց «ՏԱՔԱ» կամ «Երազողներ» անունով մկրտուած եւ իրենց ծնողներուն հետ ապօրինի միջոցներով Միացեալ Նահանգներ մուտք գործած երեխաներուն ժամանակաւոր կեցութեան իրաւունք տուող օրէնքին «մահը»` անհիմն կերպով պնդելով, որ այդ «մահուան» պատճառը դեմոկրատներու անհոգութիւնն է:

Դիւրագրգիռ նախագահին անտեղի զայրոյթը այս անգամ յառաջացուցած էր իր նեղ աշխարհին մէջ չափազանցուած կերպով տարածուած այն լուրը, որ աշխարհի ամենաաղքատ երկիրներէն մէկէն` Հոնտուրասէն, խումբ մը գաղթականներ ճամբայ ելած են եւ Մեքսիքայէն անցնելով` ապաստանեալի իրաւունք պիտի խնդրեն աշխարհի ամենահարուստ երկրէն` Միացեալ Նահանգներէն:

Յիշեցնենք, որ նախորդ նախագահ Պարաք Օպաման, չկարենալով իր իւրաքանչիւր քայլին ընդդիմացող Քոնկրեսին հետ համաձայնութիւն մը գոյացնել, «ՏԱՔԱ»-ն հաստատած էր նախագահական հրամանագիրով մը, որուն շնորհիւ` իբրեւ երեխայ Միացեալ Նահանգներ ժամանած գաղթականները կեցութեան եւ այլ ժամանակաւոր իրաւասութիւններու արժանացած էին: Սակայն անցեալ սեպտեմբերին այժմ «ՏԱՔԱ»-ով մտահոգ նոյնինքն Թրա՛մփն էր, որ ջնջեց այդ օրէնքը, սակայն «մարդասիրական» մղումներով մինչեւ մարտ ժամանակ տուաւ Քոնկրեսին, որ անոր նման նոր օրէնք մը գոյացնէ` համոզուած ըլլալով սակայն, որ նման համաձայնութիւն մը անհաւանական է: Բայց, երբ ի զարմանս Թրամփի, կարգ մը հանրապետական ու դեմոկրատ քոնկրեսականներ համաձայնութեան մը նախագիծը կրցան գոյացնել, նախագահը կտրուկ կերպով միջամտեց եւ ձախողութեան մատնեց համաձայնութիւնը` իր իսկակա՛ն գոյնը ցոյց տալով:

Անշուշտ վաղն իսկ, Թրամփը, որ խոստումներ յարգելու սկզբունքին հանդէպ ոչ մէկ յարգանք ունի, կրնայ իր կեցուածքը փոխել եւ «ՏԱՔԱ»-ն ծախել իբրեւ երկրի «ազգային ապահովութեան երաշխիք», եթէ իր շահերը այդպէս պահանջեն. բայց Քոնկրեսը անոր պէտք չէ սպասէ: Տակաւին առիթը կայ փրկելու այս օրէնքը` թրամփեան գոյժը աւետիսի մը վերածելով, քանի դեռ անիկա ողջ կը մնայ` շնորհիւ երկրի դատական համակարգին կողմէ Թրամփի որոշումին գործադրութիւնը ժամանակաւորապէս սառեցնելու մասին տրուած վճիռին:

Յստակ է, որ միայն ծայրայեղ ազգայնամոլներն են, որոնք կ՛ընդդիմանան այս օրէնքի մարդասիրական պարզ նպատակին, որն է` չպատժել անոնք, որոնք յանցանք չեն գործած:

 

 

Քաղաքական Անդրադարձ. Միացեալ Նահանգներ…Պիտի Քաշուի՞ն Սուրիայէն

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի այն յայտարարութիւնը, թէ` «մենք շուտով Սուրիայէն դուրս պիտի ելլենք, ուրիշ ազգեր թող հետապնդեն Սուրիոյ հարցը», բաւական տարօրինակ եւ յանկարծակի էր ոչ միայն միջազգային ընտանիքին, այլեւ ամերիկեան ապահովական հաստատութիւններուն, մասնաւորապէս պաշտպանութեան նախարարութեան համար: Այս քայլը դարձեալ պիտի մեկուսացնէ Միացեալ Նահանգները Միջին Արեւելքի մէջ եւ որբ ձգէ իր դաշնակիցները, մասնաւորապէս` քիւրտերը: Փենթակոնը զգուշացուց այսպիսի «կործանիչ» քայլէ մը:

«Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի (31 մարտ 2018) համաձայն, Թրամփի այս յայտարարութիւնը կը նմանի նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի 2009-ի յայտարարութեան, որուն միջոցով ան Իրաքէն տուն կանչեց ամերիկեան ուժերը` այսպիսով պարապութիւն մը ստեղծելով Իրաքի քաղաքական կեանքին մէջ, ուր Իրան իր դերակատարութիւնը բարձրացուց: Ըստ օրաթերթին, նոյնն ալ պիտի ըլլայ Սուրիոյ պարագային, եթէ դարձեալ Միացեալ Նահանգներ կիսատ ձգեն իրենց գործը:

Ամերիկեան ուժերը (քանակով 2000) հաստատուած են Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ, ուր կը գործակցին Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն հետ, որոնց սիւները կը կազմեն քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները: Այս ուժերը հսկայական դերակատարութիւն ունեցան ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին ընթացքին, անոնք նաեւ, շնորհիւ ամերիկեան ճնշումներուն, կրցան դէմ դնել սուրիական բանակի ոտնձգութիւններուն, մասնաւորապէս` Տէր Զօրի մէջ, ուր ՏԱՀԵՇ-ի ձեռքէն քարիւղի հսկայական հանքեր գրաւուեցան: Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ին (31 մարտ 2018), սուրիական կառավարութիւնը կորսնցուցած է իր քարիւղի հանքերուն 90 առ հարիւրը` յօգուտ քրտական ջոկատներուն: Ամերիկացի դիւանագէտներ նաեւ իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին` ըսելով, որ եթէ ամերիկացի զինուորները քաշուին Սուրիայէն, ապա ՏԱՀԵՇ խմբաւորումը կրնայ ինքզինք վերակազմակերպել եւ յարձակիլ քրտական դիրքերուն վրայ: Քիւրտերը չդիմանալով երկու ուղղութեան վրայ ճակատումին` շատ հաւանաբար զիջին ի նպաստ Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ:

Ժոշ Ռոկին «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին մէջ հրատարակուած այլ յօդուածի մը մէջ (30 մարտ 2018) կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ քարիւղը ամէն գնով պահել. եթէ ամերիկեան ուժերը  քաշուին, ապա քարիւղը պիտի իյնայ իրանցիներուն ձեռքը, եւ պէտք չէ կրկնել իրաքեան սխալը: Յօդուածագիրին համաձայն, Ամերիկայի հիմնական նպատակն է սահմանափակել Իրանի ազդեցութիւնը Սուրիոյ մէջ եւ խոչընդոտել Ռուսիոյ յառաջխաղացքը շրջանին մէջ: Եթէ Ռուսիա, Իրան եւ Սուրիա յաջողին դուրս քշել ամերիկեան ուժերը եւ չէզոքացնել Ուաշինկթընի ազդեցութիւնը, ապա Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերը լուրջ վտանգի առջեւ կ՛ըլլան: Չակայ Ցուրիել` Իսրայէլի հետախուզական մարմինին տնօրէնը, յայտնեց, որ եթէ Միացեալ Նահանգներ իսկապէս կ՛ուզեն սահմանափակել իրանեան ազդեցութիւնը, ապա ատիկա պէտք է Սուրիայէն սկսի: Աւելի՛ն. եթէ Ամերիկա կ՛ուզէ ապագային Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան եւ երկխօսութեան մէջ դեր ունենալ, ապա պէտք է, որ ռազմական ներկայութիւն ունենայ գետնի վրայ: Ցուրիելի համաձայն, եթէ ամերիկեան ուժերը քաշուին, ապա քիւրտերը ստիպուած` համաձայնութեան պիտի գան սուրիական վարչակարգին հետ, եւ այսպիսով Ամերիկայի թափած բոլոր ջանքերը պիտի անհետանան:

«Ալ Մաստար» լրատուական կայքը (30 մարտ 2018-ին) կը հաղորդէ, որ արդէն իսկ ռուսական եւ սուրիական բանակներու զինուորները մտած են ռազմավարական Թալ Ռիֆաաթ քաղաքը, որ կը գտնուէր քրտական զինեալ ջոկատներու հսկողութեան տակ` այսպիսով կասեցնելով թրքական բանակին մուտքը այդ քաղաք:

Հակառակ Թրամփի պնդումներուն, չեմ կարծեր, որ մօտիկ ապագային ամերիկեան ուժերը պիտի քաշուին Սուրիայէն, երկու պատճառներով. նախ` Միացեալ Նահանգներ պէտք ունին քարիւղի պաշարներուն տիրանալու, եւ տրամաբանական չէ, որ անոնք քաշուին առանց որեւէ համաձայնութեան հասնելու սուրիական կառավարութեան հետ` քարիւղին հարցին շուրջ: Երկրորդ, եթէ այս վիճակին մէջ ամերիկեան ուժերը քաշուին, ապա ասիկա ռազմավարական կորուստ պիտի ըլլայ ամերիկեան շահերուն համար, որովհետեւ Ռուսիոյ եւ Իրանի ազդեցութիւնը պիտի զօրանայ Միջին Արեւելքին մէջ, բան մը, որ երբեք չի բխիր Իսրայէլի շահերէն:

Yeghia.tash@gmail.com

 

Անդրադարձ. Հոքինկ. Յատուկ Պահանջներ Ունեցող Անձերու Ներկայութիւնը Փաստած Հսկան

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

14 մարտ 2018-ին իր մահկանացուն կնքեց անգլիացի բնագէտ, տեսաբան ու տիեզերագէտ, Քեմպրիճի համալսարանի տեսական տիեզերագիտութեան կեդրոնի հիմնադիր ու նախագահ, գիտութիւնը հանրայնացնող 76 տարեկան Սթիվըն Հոքինկը:

Հոքինկ, որ նշանաւոր էր իր կատարած գիտական ներդրումներով` բնագիտական տիեզերագիտութեան (տիեզերքի մեծ ծաւալ կառոյցներու եւ շարժաբանութիւններու ուսումնասիրութիւնը, որ կը կեդրոնանայ տիեզերքի ծագման, կառուցուածքին, զարգացման եւ ճակատագիրին հիմնարար հարցերուն վրայ) բնագաւառին մէջ, այդ ծիրին մէջ հրատարակած է երկու նշանաւոր գիրքեր: Առաջինը լոյս տեսած է 1988-ին` «Ժամանակի համառօտ պատմութիւնը» խորագիրով: Գիրքին մէջ կը խօսուի տիեզերքի յառաջացման, տարածութեան եւ ժամանակի էութեան, սեւ խոռոչներու, լարերու տեսութեան եւ որոշ թուաբանական հարցերու մասին: Գիրքը իր հրատարակութեան օրէն մինչեւ այսօր կը հանդիսանայ ամէնէն շատ ծախուած հատորներէն մէկը (20 տարիներու ընթացքին վաճառուած է աւելի քան 10 միլիոն օրինակ), քանի որ գրուած է պարզ լեզուով եւ նախատեսուած է հասարակ ընթերցողին համար: Մինչեւ 2001 թուականը թարգմանուած է 35 լեզուներով (ներառեալ` հայերէն): Երկրորդը 2001-ին հրատարակուած «Աշխարհը ընկոյզի կեղեւին մէջ» գիրքն է, որ կը քննարկէ ժամանակակից բնագիտութեան պատմութիւնն ու խնդիրները:

Գիրքերու կողքին, Հոքինկը նաեւ ունի բազմաթիւ կենսագրական բնոյթի տեսերիզներ, ինչպէս` «A Brief History of Time»-ը, «Hawking»-ն ու «Hawking: Brief History of Mine»-ը, ինչպէս նաեւ գիտական-բնագիտական նիւթերով տեսանիւթեր` «Horizon»-ը, «Brave New World with Stephen Hawking»-ը, «Masters of Science Fiction»-ը, «Into the Universe with Stephen Hawking»-ն ու «Genius»-ը: Բոլորն ալ պատրաստուած են պարզ լեզուով` հասկնալի դառնալու բոլորին համար, գրաւելով երիտասարդութեան ուշադրութիւնը:

Աւելորդ պիտի չըլլայ ըսել, որ բնագիտութեան ուսանողներուն եւ նոյնիսկ ոչ ուսանող երիտասարդութեան համար Հոքինկը դարձած է բնագիտութեան իտէալ ու հերոս` բնագիտութեան բարդ նիւթերը գիտական պարզ ոճով ներկայացնելուն շնորհիւ:

Իր գիտական ձեռքբերումներուն կողքին, Հոքինկը ունեցած է նաեւ իր քաղաքական աշխարհահայեացքը, որ հիմնուած էր խաղաղութեան, հաւասարութեան, համերաշխութեան, ընկերային եւ տնտեսական արդարութեան արժէքներուն վրայ:

Իբրեւ Բրիտանիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան համակիր, Հոքինկը յարած էր ընկերվարութեան` թիկունք կանգնելով հասարակութեան մէջ գտնուող զրկուած տարրերուն եւ հանրութեան շահերուն: Ան Բրիտանիոյ առողջապահական համակարգի պետական մենաշնորհ մնալու ջատագովներէն եղած է ու քննադատած` պահպանողական վարչապետ Թերեզա Մէյի խստամբերական քաղաքականութիւնները` առողջապահութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ դէմ կեցած է Մէյի որդեգրած սեփականաշնորհման բոլոր քայլերուն: Իբրեւ խաղաղասէր` ան ոչ միայն ընդդիմացած է պատերազմներուն, այլ նաեւ մասնակցած է խաղաղութեան նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս` մասնակցութիւնը Վիեթնամի ու Իրաքի պատերազմներու դէմ ծաւալած ցոյցերուն: Ան նաեւ ակադեմական պոյքոթի ենթարկած է Իսրայէլը: Հոքինկը եղած է նաեւ բնապահպան. ան սուր քննադատութեան ենթարկած է Միացեալ Նահանգներու քաշուիլը Փարիզի համաձայնագիրէն` ըսելով. «Թրամփը վնաս պիտի հասցնէ մեր գեղեցիկ մոլորակին` վտանգելով մեր բնական աշխարհը, մեզ եւ մեր երեխաները»:

Հոքինկը, որ կը տառապէր ապաճման երկրորդային կարծրախտի հիւանդութենէն, փաստեց, թէ այն առասպելները, որոնք յատուկ պահանջներ ունեցողները կը նկատեն «անկարող», անհիմն են: Յատուկ պահանջներ ունեցողները տեղ ունին հասարակութեան մէջ, եւ ինչպէս պարզ մարդ անհատը, անոնք ալ իրաւունքը ունին մասնակից դառնալու քաղաքական, գիտական, կրթական ու մարզական ձեռնարկներուն եւ ներառուելու հասարակական կեանքին մէջ:

Այսօր եւ վաղը, Սթիվըն Հոքինկին ժառանգութիւնը կը կայանայ համայն մարդկութիւնը եւ աշխարհը խաղաղ, գիտուն եւ մաքուր պահելուն մէջ: Ան պիտի դառնայ պայքարի խորհրդանիշ, այլընտրանքը` այն վարդապետութիւններուն, որոնք կը միտին խեղաթիւրել գիտութիւնը, պայքարողը` ընդդէմ հիւլէական զէնքերուն, որոնք կը սպառնան արիւնալի պատերազմներ սկզբնաւորել եւ կլիման փոփոխութեան ենթարկել, ինչ որ կը վտանգէ կեանքը: Ան պիտի մնայ ջատագովը յաւելեալ ներդրումներ կատարելու գիտական հետազօտութեան ու կրթական մարզերուն մէջ, հիւլէական զինաթափումին եւ կանաչ ուժանիւթին:

 

 

Դիմաւորել 100-ամեակը 13. Տարեդարձներով Յիշուող Պատմութեան Ետին Կային Մարդիկ

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Անհատի մը մասին խօսիլ, երբ անոր յոբելեանը կը տօնուի, աւելի դիւրին է եւ սրտամօտ, քան` թիւով, թուանշանով, թեր կամ դէմ տեսակէտներով խօսիլ պատմութեան մասին: Այդպէս են նաեւ պատմութեան գիրքերը, որոնք կ’անգիտանան մարդիկը, յոյսերը, խանդավառութիւնները, սէրերը, մէկ խօսքով` ապրած-ապրող մարդը, կը մնան գաղափարախօսական տարազները, դասակարգումները, ժամանակը կը սառի:

Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութիւնը ունեցաւ իր ծննդոցը նախորդող շրջանը եւ ունեցաւ իր անկման յաջորդող դարը, ուր հիմա մենք կ’ապրինք, հայրենիքի մէջ կամ իր վիճակին չանդրադարձող գաղթականներ: Այսինքն` խօսիլ հանրապետութեան մասին, տալով երկու տարեթիւեր, ոչինչ կը սորվեցնէ մեզի: Իսկ եթէ մեր առջեւ պարզենք այդ սկիզբէն առաջ, ընթացքին եւ ապա ապրող մարդոց լայն, ոչ եսական անհատական եւ հաւաքական կեանքը, մարդկային եւ քաղաքական իմաստութիւն ձեռք կը բերենք, որպէսզի այսօր եւ վաղը նուազ խարխափենք: Չբաւարարուինք բեմի լոյսերով,  հանգամանքներով եւ տիտղոսներով:

Որքա՜ն մաղթելի պիտի ըլլար, որ այս տարուան ընթացքին պատմութիւն սորվէինք` պատմութիւն կերտած աւագ դէմքերու վկայութիւններով, ընթացիկ բազմացած-բազմացող յուշագրութիւններու անձնակեդրոն պատումներէն անդին, ազգի եւ մարդոց պատկերացումներ ունենալու համար: Դպրոցներու մէջ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), մամուլով, եթէ մեզի նմանող մարդոցմով իրականացած պատմութեան ծանօթացնէինք յաջորդած եւ գալիք սերունդները, առանց բաւարարուելու ժամանակի ընթացքին անոնց սրբապատկեր (icon) դարձած անոնց յիշատակով, ներազգային հզօրութիւն կը նուաճէինք: Աւելի հայրենասէր եւ հայրենատէր կ’ըլլայինք:

Վկայութիւնները երբ բերենք մեր ներկային մէջ, կը ստեղծուի հոգեկցութիւն եւ շարունակութիւն ըլլալու գիտակցութիւն կը ստեղծուի: Ամէն օր, ամէն մէկ սերունդով յայտնուող նոր սկիզբ չենք. եթէ իյնանք այդ անհեթեթութեան մէջ, շարունակութիւն չենք ըլլար, կ’ըլլանք այլ բան, բաներ: Որպէս ազգի անդամ եւ աւանդապահ, մեր ներկան իմաստաւորելու համար, գիտնալու համար ինչ որ յաճախ նոր եւ նորութիւն կը թուի ըլլալ, եթէ կրկնութիւն անգամ չէ, շարունակութիւն է: Այս` ղեկավարութիւններու եւ շարքային ժողովուրդին համար:

Շարունակութիւն ըլլալու համար առաջնորդ եւ առաջնորդող գաղափար պէտք է:

Այսպէս, եթէ Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակներ»-ու կամ Սիմոն Վրացեանի «Կեանքի ուղիներով»-ի դրուագները եւ պատումները իմաստուն եւ մանկավարժական ներկայացումով տրուէին նորերուն, ինչպէս կը պատմուի Սասունցի Դաւիթը, մեզմէ ոչ այնքան հեռու կեանքը որպէս առասպել չի դիմաւորուիր, այլ կը հասկնանք, թէ ինչպէ՛ս էին մեր հայրերու մեծ հայրերը: Անոնք նուազ չէին ֆրանսացի Ժան Մուլենէն, երիտասարդութիւն խանդավառած Չէ Կեւարայէն կամ Զափաթայէն… Նոյնիսկ եթէ անոնց արձանները եւ կիսանդրիները չկան հոս կամ հոն:

Երկու կամ երեք սերունդ առաջ, հայ մարդիկ, ազատագրութիւն եւ պետութիւն ունենալու ձգտումով, աշխարհը կը շրջէին, աշխարհի հեռաւոր անկիւններէն կը վերադառնային, կը գնդակահարուէին, կախաղան կը բարձրացուէին, բայց կը շարունակէին հաւատքի պարտականութեան իրենց երթը: Անոնց զոհողութեան վրայ ծնունդ առին հայրենի պետութիւնը եւ աշխարհագրական բացատրութիւն դարձած հայրենիքը: Այս պէտք է գիտնան նորերը: Երբ կը կարդանք Ռուբէնի կամ Վրացեանի էջերը, կարծէք` անոնք հրաշուրթ վէպ են, Կոստան Զարեանի բառով: Ցեղասպանութիւնը պէտք չէ մոռնալ, բայց այդ տեւաբար յիշել` հոգեկան վերականգնում չի յառաջացներ: Յանդգնութիւնը եւ յաջողած հետք ունեցող գործը վերականգնում կը ստեղծեն:

– Կքած ժողովուրդը իր ողնայարը շտկեց Րաֆֆիի «Խենթ»-ով եւ «Կայծեր»-ով:

Այսօր քաղաքականութիւն խաղալ կը սորվինք Սիմոն Վրացեանի «Կեանքի ուղիներով»-ի ընթերցումով: Մեր օրերու քաղաքական կեանքի մէջ դերակատար կամ այդ ցանկութիւնը ունեցողներէն քանի՞ անձեր Ռուբէնով եւ Վրացեանով քաղաքականութիւն մտածել սորված է: Խօսքը տարուան որոշ օրերուն կարգախօսներ կրկնելու մասին չէ:

Հարիւրամեակի ամպագորգոռ ժողովներէն առաջ եւ վերջ, ներազգային ամրացման, եւ ինչպէս քլիշէ դարձած բառով կ’ըսենք`քաղաքականացման համար, անհրաժեշտ է գիտնալ, թէ որո՛նք կային մեզմէ առաջ, անուններով, իրենց գործով: Այն ատեն կը հասկնանք յանձնառութեան, զոհողութեան եւ ազգակերտ աշխատանքի իմաստը: Պարանցիկները, պտոյտները, երգահանդէսները մարդորսութեան անգամ չեն ծառայեր, փուճ են, եթէ հոն մնան:

Հայրենիք կերտելու համար մարդոց պայքարի ծանօթութիւնը մարդորսութեան կու տայ հայկական որակ:

Մեր պատմութիւնը միայն մեծ թուականներով եւ մեծ դէպքերով չէ հիւսուած, այլ նաեւ` հեքիաթի նմանող դրուագներով: Մեր ներկային համար, Հայաստան եւ սփիւռքներ, Ս. Վրացեանի «Կեանքի ուղիներով»-ի շարքի Բ. հատորի 78-83 էջերուն վրայ համով-հոտով պատում մը կայ, կարելի է այդ նոյնիսկ գրականութիւն համարել, որ ամբողջ ժամանակի մը կեանքը, լարումը, հարցերը կ’ամփոփէ, կը խօսի հայու ընչաքաղցութեան մասին, բայց իր դրամին վրայ դողացող դային ի վերջոյ հպարտութեամբ կը խօսի Սիմոն Վրացեանի մասին` ըսելով` «Մեր Սիմաւոնն ալ Նալպանդովի ճամբով կը քալէ», ինչպէս Արփիարեանի պահպանողական Հայրապետ էֆէնտին կարմիր ժամուց տուած էր սուրբ գործին…

Նոյնքան համով-հոտով կարդացուող 291-293 էջերու պատումը հերոսութեան մասին է: Մարդիկ կը գործէին մնայուն վտանգի կացութեան մէջ, ուր կային բարքեր, անոնց պատշաճելու եւ զանոնք օգտագործելու նախաձեռնութիւններ, գաղտնի ժողովներ, գաղտնի թուղթեր, ոստիկանական հսկողութիւն, ձերբակալութիւն, դատ կամ աքսոր:

Մեր ներկան տեսաբանական մարզանքներով խճողելու փոխարէն` նման էջեր հրամցնել շատ աւելի կը ծառայէ գիտակցութիւն արթնցնելու, սերունդը յանձնառութեան բերելու, ի հարկին թարգմանելով: Այդ էջերուն մէջ մենք աւելի դիւրին կը տեսնենք մեր անցեալը, մեր հարցերը եւ մեր պատկերը:

Հպարտութիւն կը նուաճենք` գիտնալով, որ չենք ուզած ոչխարի հօտ ըլլալ, չենք ուզած ըլլալ ստրուկ` հպատակելով եսի եւ ընչաքաղցութեան: Այդ է նաեւ օրինակի արժէքի ուժը, որ մեծ քաղաքներու մեծ վաճառատուներէն չի գնուիր:

Մեր յանդգնութիւններու պատմութեան ժողովրդականացման եւ մատչելիութեան աշխատանքը, զայն հասցնելով նաեւ իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ, հարիւրամեակի նախաձեռնութիւններուն կու տայ իսկական խորք եւ որակ, ոչ որպէս զարդ, այլ` ըլլալու համար ապագայակերտ:

 15 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան

 

Ընտրական Քրոնիկ. «Խոստում» Ծախողը, Կաշառքը, Ընկերութեան Կարիքներն Ու Պահակները Եւ Դիպուկ Առածը

$
0
0

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

– Անձնաթուղթս կորսնցուցած եմ…

– Չհարցուցի, թէ ո՛ւր է անձնաթուղթդ, բայց չես կորսնցուցած, ՍՄ-ին քովն է:

– Այո՛, ուզեց եւ ստիպուած տուի… Քուէս Դաշնակցութեան պիտի տամ եւ ուրիշին չեմ տար, բայց դրամի պէտք ունիմ…

– Քանի մը հարիւր տոլարի համար կ՛արժէ՞ ծախել արժանապատուութիւնդ:

– Վստահ ոչ, չեմ ծախեր. Դաշնակցութեան պիտի քուէարկեմ… Ըսաւ, թէ ծերութիւնս ալ պիտի ապահովէ, ամսական դրամ պիտի տայ…

– Հաւատացի՞ր: Եթէ այդպէս է, գոնէ մէկ ամսական արդէն փոխանցե՞ց:

– Ո՛չ, ըսաւ, թէ ընտրութիւններէն ետք…

– Այո՛, եթէ վաղը յաղթէ արդէն քեզի պէտք չ՛ունենար, իսկ եթէ պարտուի` դրամ չ՛ունենար: Թաղին մէջ ո՞վ հարցերդ լսած եւ փորձած է լուծումներ գտնել, ո՞վ քու եւ ընտանիքիդ ապահովութեան տէրը եղած է, ո՞վ քու իրաւունքներդ պաշտպանած է, ո՞վ քու անմիջական կարիքներուդ հասած է…

– Մեր ակումբը պահած է, Դաշնակցութիւնը պահած է: Վաղը անձնաթուղթս կը բերեմ եւ ձեր քովը կը ձգեմ:

– Անձնաթուղթդ հոնկէ բեր եւ քովդ պահէ, քուկդ է…

Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու նախօրեակին, կարգ մը լիբանանահայ թեկնածուներուն եւ անոնց լծակներուն խոստումները սահման չունին: Անոնք անցնող տարիներուն իրենց միջավայրին մէջ դերակատարութիւն եւ երբեմն նոյնիսկ ներկայութիւն չեն ունեցած, սակայն ընտրութիւններու սեմին փոքր գումարներու դիմաց նոյնիսկ կը խոստանան ապահովել քուէարկողներուն ծերութիւնը` անոնց վստահեցնելով, որ ամսական թոշակ պիտի վճարեն…

Խոստում ծախելու լիբանանեան այս «մշակոյթ»-ը դժբախտաբար նաեւ մուտք գործած է կարգ մը հայ թեկնածուներու մօտ, որոնք հոսկէ ու հոնկէ «որս» կը փնտռեն, հայորդիներուն անձնաթուղթերը իրենց քով կը պահեն: Երեւոյթ մը, որ անօրինական է եւ անընդունելի, եւ կրնայ իրաւական հետապնդումներու շարժառիթ հանդիսանալ:

Լիբանանահայութիւնը չներկայացնող թեկնածուները կը կարծեն, որ հայորդիները չունին ծառաներ ու պահակներ, որոնք երբ կարիքը զգան, ապա իրենց շուրջ համախմբուած անհատները զգաստութեան կը հրաւիրեն: Այս թեկնածուները կը կարծեն, որ կարիքաւորներուն եւ ծերունիներուն դժուարութիւնները կրնան շահագործել` ապահովելու քուէներ: Մեր հայորդիները լաւապէս գիտեն, որ հակառակ առկայ մեծ տագնապներուն եւ դժուարութիւններուն, լիբանանահայ կառոյցները իրենց կարելիութիւններուն եւ կարողականութեան սահմաններէն շատ աւելին կը կատարեն` նեցուկ կանգնելով անոնց ընկերային-տնտեսական բազմաբնոյթ կարիքներուն:

Անցեալին աւելի մեծ կաշառքներով եւ լծակներով փորձեցին լիբանանահայութեան քուէները գնել, բայց չյաջողեցան: Վաղն ալ վստահաբար պիտի չկրնան այդ երազը իրականացնել: Անոնք չեն համոզուիր, որ լիբանանահայութեան քուէն ծախու չէ, անգին է:

Այստեղ հայկական առածը կու տայ խօսուն եւ դիպուկ պատասխանը բոլոր անոնց, որոնք տակաւին իրենց գրաւը կը դնեն փողին եւ խաբէութեան վրայ, եւ կ՛ուզեն անգամ մը եւս փորձ մը կատարել… Պատասխան մը, որ կարիք չունի յաւելեալ լուսաբանութիւններու եւ քննարկումներու:

«Էշը որ էշ է, ինկած տեղը անգամ մըն ալ չ՛իյնար»:

Հասկցողին հազար բարի:

 

 


Անդրադարձ. 1918-ի Հայաստանի Անկախութեան Առաջին Օրերը –Ե.

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայաստանի առաջին խորհրդարանի` Ազգային խորհուրդի եւ  կառավարութեան մուտքը անկախ Հայաստան եւ Երեւան:

Սիմոն Վրացեան կը շարունակէ. «Հայաստանի մէջ, ճանապարհին, ամէն տեղ Ազգային խորհուրդն ու կառավարութիւնը անվերապահ համակրանքով դիմաւորուեցան(1):

«Հայաստանի հողին վրայ առաջին հանդիսաւոր ընդունելութիւնը Դիլիջանի մէջ տեղի ունեցաւ: Հակառակ անձրեւոտ եղանակին, գիւղէն դուրս, հարիւրեակ մը ձիաւորներ հիւրերը կը սպասէին: Եարալեանի ամարանոցին առջեւ, որ յատկացուած էր հիւրերուն` գիշերելու, պատուոյ պահակ դրուած էր: Ազգային խորհուրդի նախագահի բարեւին զինուորները հայերէն պատասխանեցին` «Բարե՛ւ հազա՛ր բարի»: Դիլիջանցիները հիւրասիրութիւն պատրաստած էին եւ յաջորդ օրը

(ուրբաթ, 19 յուլիսին) հանդիսաւոր կերպով (հիւրերը) ճանապարհ դրին (դէպի) Երեւան: Զօրքերը շարուած էին ճանապարհին երկու կողմերը: Ժողովուրդը բարեմաղթութիւններ կը բացագանչէր:

«Սեմեռնովկայի (Գեղարքունիք մարզ, ՅՉ) մէջ ռուս ազգաբնակչութեան ներկայացուցիչները աղ ու հացով դիմաւորեցին, նաեւ գնդապետ Սամարցեանը` իր գունդով: Աւետիք Սահակեանը ընդունեց աղն ու հացը, քննեց զօրքերը եւ ժողովուրդին ողջոյնի խօսքեր արտասանեց:

«Ելենովկայի մէջ (Սեւան` 1935-էն ետք, ՅՉ) գաղթականներու ահագին բազմութիւն խռնուած էր: Ռուս բնակիչները Հիւսիսային Կովկաս հեռացած էին, եւ անոնց լքած տուներուն մէջ Կարսի, Շիրակի եւ Ղարաքիլիսայի հայ գաղթականները տեղաւորուած էին: Ազգային Խորհուրդը այստեղ ճաշարան հիմնած էր եւ ձրիաբար աւելի քան 5000 մարդ կը կերակրէր:

«Յուլիս 9-ին (19-ին) երեկոյեան դէմ հասան Ախտա (այժմ` Հրազդան, ՅՉ): Դիմաւորելու համար Երեւանէն եկած էին Արամը եւ տեղական կառավարութեան անդամները: Փողոցի գլխուն զօրքն ու զինուորական նուագախումբը կանգնած էին: Աւետիք Սահակեանը հրամանատարին զեկուցումը ընդունեց, ապա զօրամասերը, կանոնաւոր շարքերով, դրօշակները պարզած ու երաժշտութեամբ, տողանցեցին Ազգային խորհուրդի ու կառավարութեան անդամներուն առջեւէն: Տեսարանը յուզիչ էր:

«Հայկական բանակի սպայակոյտը զօրավար (Թովմաս) Նազարբէգեանի գլխաւորութեամբ, հիւրերը ընդունեց Քանաքեռի մէջ, ուր թէյասեղան պատրաստուած էր, որուն ընթացքին հանդիսաւոր ճառեր արտասանուեցան:

«Ուշ երեկոյեան հասան Երեւան: Քաղաքը դրօշակներով, գորգերով եւ կանաչութեամբ զարդարուած էր: Աղստաֆեան (Աբովեան) փողոցը բազմութեամբ լեցուած էր: Փողոցի երկու կողմը շարքերով կանգնած էին զօրքերը` Սարդարապատի ու Բաշ Ապարանի հերոսները:

«Հրամանատարին (Արշաւիր Շահխաթունի, ՅՉ) զեկուցումէն ետք»,- այստեղ կը մէջբերեմ Շահխաթունիին այդ իւրայատուկ պատմական զեկուցումը(2),– «Ժամը երեքին, Աղստաֆեան (Աբովեան) պողոտայի սկզբէն մինչեւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցի վաշտեր կանգնած էին: Արամը հասաւ ինքնաշարժով եւ հաղորդեց, որ կառավարութիւնը կու գայ: Քանի մը վայրկեան ետք գլխաւոր պողոտայի անկիւնէն երեւցաւ կառավարական խումբը` ինքնաշարժներով: Ես հրամայեցի. «Հանդիսաւոր տողանցք. պատրա՛ստ, հանդա՛րտ, պատուի ա՛ռ»: Եւ մերկացնելով իմ սուրս ու հետս ունենալով հեծելազօրէն յիսուն հոգի` մօտեցայ կառավարութեան կազմին:

Ես խոնարհեցի իմ սուրս Հայաստանի նախարարապետին առջեւ, մինչ ձիս բարձրացած էր երկու ոտքի վրայ, եւ ըսի. «Ձերդ գերազանցութիւն, իբրեւ Հայաստանի մայրաքաղաքի զինուորական հրամանատար` կ՛ողջունեմ ձեր գալուստը: Ես անսահման երջանիկ եմ, որ դարերէ ետք առաջին սպան եմ, որ կը խոնարհեցնէ իր սուրը իր կառավարութեան առջեւ: Այս վայրկեանիս ես հպարտութեամբ կը դնեմ սուրս իր պատեանին մէջ եւ դուրս կը հանեմ այն ժամանակ, երբ դուք հրամայէք պաշտպանել մեր աննման հայրենիքը»: Քաջազնունին շատ յուզուած` պատասխանեց եւ համարեա կը զսպէր իր արտասուքը: Այսպէս եղաւ Հայաստանի առաջին կառավարութեան մուտքը Երեւան».- «ապա (զինուորական նուագախումբին) երաժշտութիւնը հնչեց եւ խանդավառ «Կեցցէ՛»-ներ` հազարաւոր բերաններէ:

«Հասարակութիւնը առանձնապէս ջերմ ընդունելութիւն ցոյց տուաւ գերմանացի սպաներուն:

«Երեկոյեան պաշտօնական ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ, որուն ներկայ էին` Թիֆլիսի եւ Երեւանի ազգային խորհուրդներու եւ կառավարութեան անդամները, ռուս, ուքրանացի ու մահմետական ազգաբնակչութեանց ներկայացուցիչները, Պարսկաստանի հիւպատոսը, գերմանացի եւ թուրք սպաները: Բոլորին կողմէ ճառեր արտասանուեցան, որոնց պատասխանեց Քաջազնունին. «Մեր պետութիւնը, ի միջի այլոց, կը կոչուի ո՛չ թէ հայկական, այլ` Հայաստանի Հանրապետութիւն: Այդ ցոյց կու տայ, որ մեր պետութիւնը հայրենիք է անոր մէջ բնակող բոլոր ժողովուրդներուն համար»:

«Հանդէսը տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր:

«Յաջորդ օրը (շաբաթ, 20 յուլիս 1918) սկսան պետական աշխատանքները: Կառավարութիւնը հայրենի հողին վրայ գործի անցաւ: … Թիֆլիսէն եկած գործիչները Երեւան գտնուողներուն հետ համերաշխ եւ համախորհուրդ` աշխատանքի լծուեցան:

«Թիֆլիսի եւ Երեւանի ազգային խորհուրդներու շարք մը խառն նիստերուն վերջնական ձեւ ստացան Ազգային խորհուրդն ու կառավարութիւնը: Հակառակ ժողովրդականներու (Հայ ժողովրդական կուսակցութիւն, դէմ, ՅՉ) քուէին` որոշուեցաւ եռապատկել Ազգային Խորհուրդի անդամներուն թիւը եւ հրաւիրել այլազգիներուն` թուրքերու, եզիտիներու եւ ռուսերու ներկայացուցիչները: Այս ձեւով կազմուեցաւ Հայաստանի առաջին օրէնսդիր մարմինը` «Հայաստանի խորհուրդ» անունով (38 հայ, 6 թուրք-թաթար, մէկ ռուս եւ մէկ եզիտի, 46 երեսփոխաններ, ՅՉ):

«Թիֆլիսի մէջ նշանակուած կառավարութեան կազմը նոյնութեամբ պահուեցաւ, եւ կարճ ժամանակ ետք հրաւիրուեցաւ տեղական անկուսակցական գործիչներէն Գ. (Գրիգոր, ՅՉ) Պետրոսեանը` իբրեւ նոր (նորաստեղծ նախարարութեան) արդարադատութեան նախարար:

Երկար քննարկումներէ ետք` «Հաստատուեցաւ Հայաստանի ազգային դրօշակը` հորիզոնական կարմիր, կապոյտ ու նարինջի գոյնով … Կային, սակայն, հայկական եռագոյնին մէջ, թէ՛ գաղափար ու թէ՛ խորհուրդ դնողներ: Այդ գոյները, կարծես, կը բխէին մեր կեանքէն, հայ պետականութեան ծագումն ու ապագան կը խորհրդանշէին: Կարմիրը հայ ժողովուրդին թափած արիւնն էր, կապոյտը` Հայաստանի կապոյտ երկինքը, իսկ նարինջի կամ ոսկիի գոյնը` խտացումը աշխատանքի: Հայ ժողովուրդը, որ արիւնով ձեռք բերած էր իր ազատութիւնը, հայրենի կապոյտ երկինքին տակ, իր համբաւաւոր աշխատասիրութեամբ, պիտի վերաշինէր երկիրը եւ ապրէր ազատ ու երջանիկ…

«Հայաստանի խորհուրդին պաշտօնական բացումը որոշուեցաւ (հինգշաբթի, 1918) օգոստոս 1-ին:

«(Պաշտօնական բացումէն) Երկու օր առաջ, յուլիս 30-ին, (ըստ Շահխաթունիի ժամանակագրութեան` երեք օր առաջ, յուլիս 29-ին, ՅՉ) Երեւան ժամանեցին (տես «1918-ի Հայաստանի անկախութեան առաջին օրերը» – Ա. եւ Բ. (3), (4) ) գերման ներկայացուցիչ զօր. վոն Քրեսը եւ աւստրիոյ ներկայացուցիչ պարոն Ֆրանկելշթայնը (Ճորճ Ֆրայհըր վոն Ֆրանքընշթայն (5) ) Վրաստանի մեր դիւանագիտական ներկայացուցիչ (Արշակ) Ջամալեանի եւ քանի մը (20 գերման) սպաներու ուղեկցութեամբ: Կայարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ընդունելութիւն, իսկ երեկոյեան հացկերոյթ` քաղաքապետին (Թադէոս Թոշեանի-ՅՉ) կողմէ:

«Յաջորդ օրը անոնք այցելեցին վարչապետին ու Հայաստանի խորհուրդի նախագահին, ապա Էջմիածին մեկնեցան` կաթողիկոսին այցելելու: Ժամը 5-ին (17:00-ին) Էջմիածինէն վերադարձան եւ ընդունեցին Հայաստանի խորհուրդի նախագահին եւ վարչապետին փոխայցելութիւնը, որոնք հիւրերուն հետ հայկական հարցերու մասին երկար քննարկումներ կատարեցին: Նաեւ այցելեցին միւս նախարարները: Երեկոյեան կառավարութիւնը ի պատիւ հիւրերուն հացկերոյթ տուաւ, որուն ներկայ էին նաեւ Երեւան գտնուող թուրք սպաները»

(Վրացեան բնաւ չի նշեր նաեւ Խալիլ փաշայ Քոլթի Երեւան եւ վոն Քրեսի հետ Էջմիածին ստոյգ (6) այցելութիւնները (3, 4): Ճառեր արտասանուեցան: Գիշերը վոն Քրեսը վերադարձաւ Թիֆլիս, իսկ պարոն Ֆրանքընշթայնը մնաց` Հայաստանի խորհուրդի բացումին ներկայ գտնուելու համար:

«Հայաստանի հողին վրայ առաջին դիւանագիտական ընդունելութիւնն էր այս:

«Թիֆլիս վերադարձին, գնացքին մէջ, Արշակ Ջամալեանը մտերիմ զրոյց կ՛ունենայ վոն Քրեսին հետ: Զօրավարը իր կառավարութեան ուղարկելիք հեռագիրը ցոյց կու տայ:

«Այդ հեռագիրին մէջ,- Ջամալեան կը հաղորդէ Երեւանի (Հայաստանի) կառավարութեան,- ան (վոն Քրեսը) զարմանալի հմտութեամբ խտացուցած է այն մտահոգութիւնները, որ դուք արտայայտեցիք մեր առանձին ունկնդրութեան ընթացքին, եւ այդ մտահոգութիւնները (իւրացուցած) կը ներկայացնէ ո՛չ թէ ձեր, այլ ի՛ր անունով: Միայն հեռագիրին վերջաւորութեան ան մեր կառավարութեան անունով կը յայտնէ, որ վերջինս դէմ չ՛ըլլար, եթէ աւստրօ-հունգարական զօրքերը գան Հայաստան: Ես խնդրեցի, որ զօրավարը հեռագիրին մէջ մտցնէ նաեւ Ղարաբաղի զինաթափութեան խնդիրը, որ նաեւ կատարեց: Այդ հեռագիրին մէջ զօրավարը յոռեգոյն  արտայայտութիւններով կը խօսի թուրքերուն մասին` անոնց քաղաքականութիւնը բնորոշելով երկու խօսքով` վրդովեցուցիչ թալան եւ հայ ժողովուրդը սովամահ դարձնելու ձգտում»:

«Նոյն տեսակցութեան ընթացքին վոն Քրեսը Ջամալեանին ըսած է, ի միջի այլոց, նաեւ, որ` «Մեր յարաբերութիւնները տաճիկներուն հետ բաւական վատացան` անդրկովկասեան գործերուն մեր միջամտութեան պատճառով: Թուրքերը այս երկիրը իրենցը կը համարեն, ռուսերուն հեռանալէն ետք եւ, յանկարծ, մենք անոնց կ՛ըսենք «halt!» կա՛ց, բնական է, որ մեր դէմ պիտի լարուին»:

20 Մարտ 2018
(Շար. 5)

——————————–

(1) «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Սիմոն Վրացեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1958, տպարան «Մշակ», էջ 181-185:
(2) ( http://old.hayastan24.com/?p=16755&l=am )
(3) ( http://www.aztagdaily.com/archives/386524)
(4) ( http://www.aztagdaily.com/archives/387134 )
(5) ( https://en.wikipedia.org/wiki/Georg_von_und_zu_Franckenstein )
(6) Ծանօթ – Խալիլի այս այցին մասին, կ՛անդրադառնան նաեւ, առ նուազն Ռուբէն Տէր Մինասեան եւ Վահան Նաւասարդեան, իրենց յուշերուն մէջ:

 

Խմբագրական «Ազատ Արցախ»-ի. Եկել Է Գործողութիւնների Ժամանակը

$
0
0

Իլհամ Ալիեւը տարածաշրջանում դանդաղ գործողութեան ական է տեղադրում:

Մամուլը` եւ ոչ միայն հայկական, քննադատական լոյսի ներքոյ լայնօրէն լուսաբանել է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` փետրուարի 8-ին «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութեան համագումարին հնչեցրած արտայայտութիւնները: Այն ժամանակ նա յայտարարել էր բառացիօրէն հետեւեալը. «Իրեւանը մեր պատմական հողն է, եւ մենք` ազրպէյճանցիներս, պէտք է վերադառնանք այդ պատմական հողերը: Դա մեր քաղաքական ու ռազմավարական նպատակն է, եւ մենք պէտք է աստիճանաբար մօտենանք այդ նպատակին»:

Պէտք է ասել` Ալիեւի խօսքերը, որոնք փետրուարի 17-ին Միւնխենի անվտանգութեան համաժողովին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը դիպուկ կերպով ցնդաբանութիւն է անուանել, առանց ուշադրութեան չթողեցին նա եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահ երկրները` Ռուսաստանը, Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգներ, որոնք Իլհամին կոչ արեցին ձեռնպահ մնալ սադրիչ յայտարարութիւններից, որոնք շիկացնում են իրադրութիւնը: Բայց, ինչպէս դա եղել էր եւ նախկինում, Նափոլէոնի յաւակնութիւններով քաղաքական այս գաճաճը հերթական անգամ անտեսեց միջազգային միջնորդների նախազգուշացումը: Մէկ ամսից քիչ աւելի անց` մարտի 19-ին, Ալիեւը Նովրուզի տօնի առթիւ իր ելոյթի ժամանակ կրկներգի պէս հոլովեց նոյն այդ միտքը. «Այսօրուայ Հայաստանի մեծ մասն Ազրպէյճանի պատմական, բնիկ հողն է»:

Ինչպէս հեշտութեամբ կարելի է նկատել` մէկ ամսից քիչ աւել ժամանակի ընթացքում Ալիեւի զաւթողամոլական ախորժակը չափազանց գրգռուեց, եւ նա արդէն տարածքային նկրտումներ է ներկայացնում ոչ միայն իր կողմից «հինաւուրց ազրպէյճանական հող» անուանուող Արցախի նկատմամբ, անգամ` ոչ միայն «Իրեւանի, Զանգեզուրի ու Գէյչա»-ի նկատմամբ, այլեւ` արդէն «Հայաստանի մեծ մաս»-ի: Եւ որպէս ապացոյց` նա վկայակոչում է «բազմաթիւ գրքեր ու քարտէսներ»: Կարծում ենք` պատմական թեմաներով Ալիեւի հետ վէճի բռնուելը բացարձակապէս իմաստ չունի: Այն պարզ պատճառով, որ իրական, ոչ թէ Ազրպէյճանի «քրէաթիւ» կեղծ գիտնականների մոգոնած պատմութիւնը նա հաւանաբար գիտի: Գիտի, որ Երեւան քաղաքը, որին նա յաւակնում է, հին է անգամ յաւերժական Հռոմից, եւ Մեծ Հայքը պատերազմել է Հռոմի կայսրութեան հետ այն ժամանակներում, երբ Ազրպէյճանը դեռ գոյութիւն չունէր: Որ Արցախը` որպէս պատմական Հայաստանի բաղկացուցիչ մաս, յիշատակւում է դեռեւս հին հեղինակներ Ստրաբոնի, Պլինիուս Աւագի, Կլաւդիոս Պտղոմէոսի, Պլուտարքոսի եւ այլոց աշխատութիւններում, ովքեր, ըստ երեւոյթին, տառապում էին քրոնիկական ամնեզիայով (զառամախտով-Խմբ.), եթէ իրենց տրակտատներում (աշխատասիրութեանց մէջ-Խմբ.) մի անգամ էլ չեն յիշատակել «Հին Ազրպէյճանը»: Ալիեւին` որպէս «բազմաթիւ գրքերի ու քարտէսներ»-ի գիտակի (ազրպէյճանցի հայ-գիտնականների գործերը, ովքեր ջերմեռանդօրէն կատարել են «Ազրպէյճանի պատմութիւն» ստեղծելու իր թանկագին հայրիկի պատուէրը, հաշուից դուրս են ու պիտանի են գուցէ միայն որպէս թղթի թափօն), պէտք է յայտնի լինի նաեւ, որ ոչ մի քարտէսի վրայ, ընդհուպ` մինչեւ 19-րդ դարը, անգամ մանրադիտակի տակ չես յայտնաբերի Ազրպէյճան անունով պետութիւն:

Ալիեւի պատմական բառավարժանքներն իրականում պատմութեան հետ բացարձակապէս ոչ մի առնչութիւն չունեն: Դա զուտ քաղաքականութիւն է, աւելի ճշգրիտ` համաթրքութեան քաղաքականութիւն, որն այսօր Թուրքիայի կողմից անուանւում է նոր-օսմանականութիւն, եւ որի իրագործողը Հարաւային Կովկասում Ազրպէյճանն է: Այս քաղաքականութեան նպատակն է թրքալեզու երկրների միաւորումը եւ Թուրքիայի գերիշխանութեան ներքոյ միասնական թուրքական պետութեան ստեղծումը, որի սահմանները պէտք է տարածուեն Պալքաններից մինչեւ Սիպիր: Այս պարունակում էլ պէտք է դիտարկել Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ Ալիեւի տարածքային յաւակնութիւնները, որոնց կարելի է տարբեր կերպ վերաբերուել, բայց ոչ մի դէպքում մակերեսօրէն, թեթեւամտօրէն:

Միջազգային հեղինակաւոր կառոյցները եւ, առաջին հերթին, Ռուսաստանը, Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսան` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահ երկրներ եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհրդի մշտական անդամներ, պէտք է կոշտ կերպով կանխեն պաշտօնական Պաքուի նման յայտարարութիւնները, քանզի դրանք լուրջ սպառնալիք են պարունակում: Ալիեւի` «Մենք` ազրպէյճանցիներս, պէտք է վերադառնանք այդ պատմական հողերը, դա մեր քաղաքական ու ռազմավարական նպատակն է» խօսքերը, ոչ մէկի մօտ պէտք չէ կասկած թողնեն, որ նրա կողմից հեռանկարում դանդաղ գործողութեան ական է տեղադրւում: Նա ամենեւին էլ պատահականօրէն չի յայտարարել, թէ «ամէնագլխաւորը` այդ մասին թող իմանայ ազրպէյճանական երիտասարդութիւնը»: Նոյն այն երիտասարդութիւնը, որի հոգում Պաքուի ներկայ վարչակարգը արդէն ատելութեան սերմեր է հիմնաւորապէս ցանել հայ ժողովրդի եւ հայկական ամէն ինչի հանդէպ: Այլ խօսքով, ստեղծել է հակամարտածին ներուժ, որը թուրք¬ազրպէյճանական քաղաքական զոյգի համար յարմար պահին կարող է գործի դրուել: Չի կարելի բացառել, որ Ալիեւն իր նմանատիպ սադրիչ յայտարարութիւններով միջազգային հանրութեան, նրա հնարաւոր արձագանգի իւրատեսակ փորձաքննութիւն է անցկացնում: Ու եթէ այսօր չկանգնեցուի ազրպէյճանական յարձակողապաշտ ռազմամոլութիւնը, որն սպասարկում է համաթրքութեան քաղաքականութեան շահերին, 2016թ. ապրիլեան պատերազմը, որի համար Պաքուն գործնականում անպատիժ մնաց, գալիք ռազմական գործողութիւնների համեմատ ընդամէնը անմեղ զուարճանք կը թուայ: Հէնց միջազգային հանրութեան պատշաճ գնահատականի ու արձագանգի բացակայութիւնն է Ազրպէյճանի ղեկավարութեանը խթանում շարունակել իր յանցաւոր քաղաքականութիւնը: Յարձակողապաշտին մեղմ ձեւով յորդորելու ժամանակները վաղուց են անցել: Եկել է գործողութիւնների ժամանակը, ընդ որում` կոշտ գործողութիւնների, քանի որ սպառնալիքի տակ է ողջ տարածաշրջանի ճակատագիրը:

Կոմիտասը` Երաժշտութեան Ճամբով

$
0
0

ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Կազմակերպութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւին ու հոգաբարձութեան, ուրբաթ, 2 մարտի երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Կոմիտասը երաժշտութեան ճամբով» երաժշտական երեկոն, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ մշակութասէր հոծ բազմութեան մը:

Հայ ժողովուրդի հանճարեղ ու մեծանուն երաժիշտն ու անոր գործերը հանգամանօրէն ներկայացուց Արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեանը:

Բանախօսին կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացուց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սարկաւագներէն Սեւակ Պատոյեանը, որ ըսաւ. «Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեանը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան է եւ առաջնորդական փոխանորդ` Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի: Ան իր ուսումը ստացած է կաթողիկոսութեան դպրեվանքի յարկին տակ` 1997-2006 տարեշրջաններուն, որմէ ետք կուսակրօն օծում եւ ձեռնադրութիւն ստանալով` միացած է կաթողիկոսութեան միաբանական ուխտին: Դպրեվանքի աշակերտական տարիներէն արդէն երաժշտութեան հանդէպ իր սէրը զինք կ՛առաջնորդէ դէպի Երեւանի պետական երաժշտանոց, Հայաստան: Իր աստուածաբանական գիտելիքները հարստացնելու համար, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի բարձր տնօրինումով, ան կ՛առաքուի Քարտիֆ, Անգլիա, եւ կը հետեւի աստուածաբանական խտացուած յատուկ ծրագիրի մը»:

Հայր Թորգոմ ողջունելով ներկաները` դիտել տուաւ, որ այս երեկոյեան դասախօսութիւնը պիտի անցնի պարզ խօսքերէն դէպի հոգին բաւարարող երաժշտութիւնը, որովհետեւ ինք պիտի նուագէ եւ երգէ Կոմիտասի այնքա՜ն գեղեցիկ ու ժողովրդական յայտնի ստեղծագործութիւններէն: Հայր սուրբը իր խօսքին խառնեց նաեւ երաժշտութիւնը եւ գեղեցկօրէն բացատրեց անոնց ետին ապրուած Կոմիտասի հոգեկան խռովքն ու բերկրանքը, զորս այդ օրերուն Կոմիտաս ապրեցաւ եւ եղաւ այն, ինչ մենք կը ճանչնանք այսօր:

Հայր Թորգոմ ներկայ երաժշտասէր հանդիսատեսին մտաւոր աչքերուն առջեւ բացաւ Կոմիտաս վարդապետի երաժշտութեան տեսակները` անոնց ընդմէջէն դուրս բերելով հանճարն ու նկարագիրը:

Ան խօսեցաւ, երգեց ու նուագեց դաշնակի վրայ` Կոմիտասի յայտնի ստեղծագործութիւններէն շարք մը, ինչպէս` «Տլէ եաման»-ը, «Կռունկ»-ը եւ նման երկոտասնեակ մը երգեր` գեղարուեստով հարուստ երեկոյ մը պարգեւելով Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքին եւ յատկապէս երաժշտասէր հասարակութեան:

Այնքա՜ն սրտառուչ ու գեղեցիկ այս յայտագիրի աւարտին փակման խօսքը արտասանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանը: Հայր սուրբը առաջին հերթին մեծ երախտագիտութեամբ յայտնեց, որ գաղութը ծարաւն ու կարօտը ունի նման գեղարուեստական երեկոյթներու: Հայր սուրբը ողջունեց հայր Թորգոմին առաջին այցելութիւնը Սան Ֆրանսիսքօ` յոյս յայտնելով, որ յառաջիկայ ամիսներուն նման առիթներ դարձեալ կը կրկնուին:

Այս առիթով կ՛ուզեմ նաեւ վկայութիւններ բերել Կոմիտասի մասին ժամանակակից մեր մեծանուն մտաւորականներէն` Հրաչեայ Աճառեանէն. «Կոմիտաս մեծ ընթերցասէր մըն էր, ուժեղ էր հայոց լեզուի մէջ եւ հայոց պատմութիւնը շատ լաւ գիտէր: Մասնաւորաբար կը կարդար Մովսէս Խորենացի եւ Նարեկացի, իսկ Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ն կ՛անուանէր իր մասունքը: Կոմիտաս քաջ պարող մըն ալ էր… Մարդկային բացառիկ առաքինութիւններու ծով էր: Չափազանց աշխատասէր, աննկուն կամքի տէր, անկեղծ, բարեհոգի, ընկերասէր եւ քաղցր ու համեստ` բոլորին նկատմամբ: Մաքրակրօն էր ան եւ` մեծ հայրենասէր մը: Բացի երաժշտական հանճարէն` այլ շնորհքներ ալ ունէր, բանաստեղծ էր եւ ճարտար քոմիք դերասան: Վերին աստիճանի սրամիտ, կենսուրախ եւ պատրաստաբան էր Կոմիտաս եւ սիրուած` Ճեմարանի մեծէն ու փոքրէն: Կոմիտասի ձայնը մեծ տիաբազոն ունէր: Պերլին գտնուած միջոցին, հայ ժողովրդական երգերը անձնապէս ցուցադրած համերգէն ետք, Պերլինի օփերայի տնօրէնը զայն անձամբ կը հրաւիրէ իբրեւ օփերայի գլխաւոր երգիչ եւ կը խոստանայ իրեն բացառիկ վճարում: Կոմիտաս կը պատասխանէ անոր. «Իմ երգիչի կարողութիւնները մէկ նպատակի միայն կը ծառայեն` մեծ ժողովուրդիս երգն ու երաժշտութիւնը ծանօթացնել երաժշտական աշխարհին եւ ապացուցել, որ հայ ստեղծագործ ժողովուրդը սկզբնական դարերէն արդէն ունեցեր է իր ինքնուրոյն երգն ու երաժշտութիւնը»:

Աւարտին, ներկաները առիթը ունեցան աւելի մտերմիկ մթնոլորտի մէջ հայր Թորգոմին ուղղելու իրենց հարցումները` երաժշտական այս երեկոյին վերաբերեալ, սուրճի ու անուշեղէնի հիւրասիրութեան շուրջ:

 

 

 

Չինական Երազը Եւ Հայաստանը (Մաս 3)

$
0
0

ԱՐԱՐԱՏ ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ

Նախքան «մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան եւ Հայաստանի կապին անդրադառնալը` յարկ է անդրադառնալ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առջեւ ծառացած խնդիրներին:

Հայաստանը անկախացումից ի վեր որդեգրել է բոլոր կողմերի հետ իրականացնել փոխշահաւէտ արտաքին քաղաքականութիւն` զերծ մնալով հանդիսանալուց որեւէ գերտէրութեան արբանեակ: Եւ դրա բացատրութիւնը կայանում է նրանում, որ Հայաստանի առջեւ դրուած են եղել լուրջ մարտահրաւէրներ, ինչպիսիք են` Խորհրդային Միութեան փլուզումը, երկրաշարժը եւ պարտադրուած պատերազմը: Այդ պայմաններում խոհեմ չէր լինի միջազգային ասպարէզում սատարել մի կողմին եւ դէմ դուրս գալ միւսին. խօսքը Միացեալ Նահանգներ-Ռուսաստան յետսառը պատերազմեան ժամանակաշրջանին է վերաբերում: Այժմ, երբ Հայաստանը արդէն կայացած պետութիւն է եւ Արցախն` ազատագրուած, հայութիւնը պէտք է շեշտը դնի ազգային արժէքների վրայ, իսկ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնն էլ պէտք է հիմնուած լինի ազգային շահի, այլ ոչ` յարմարուողականութեան վրայ: Եթէ «կամ-կամ»-ը վտանգաւոր քաղաքականութիւն է եւ ծնում է ոչ միայն դաշնակիցներ, այլ` հակառակորդներ, ապա «եւ-եւ»-ի քաղաքականութիւնը Հայաստանը դարձնում է անողնաշար եւ զուրկ ինքնուրոյն քաղաքականութիւն ունենալուց: Ըստ իս, բոլորի հետ պէտք է ունենալ լաւ յարաբերութիւններ, բայց` հիմնել մեր ուրոյն քաղաքականութիւնն ու աշխարհայեացքը: Փաստը ցոյց տուեց, որ ազատականութիւնը եւ վայրի դրամատիրութիւնը միայն պատճառ հանդիսացան ազգի պառակտմանն ու մենաշնորհի ստեղծմանը: Հայաստանն ինչքան էլ լինի ապահով երկիր, սակայն բաւական խոցելի է դրսից ներթափանցող վտանգաւոր ազատական խմբերի կողմից, որոնք աշխատում են կոտրել հայ ազգի դիմադրողականութիւնը` երազային ժողովրդավարութիւն քարոզելով: Դրա նպատակը պառակտուած հասարակութեան ստեղծումն է, որը կը լինի մոլորուած կողմնորոշուելու` պատերա՞զմ, թէ՞ խաղաղութիւն:

Այս փոփոխուող աշխարհում եւ պատերազմների յորձանուտում մենք իրաւունք չունենք կարեւորելու միայն Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները, քանի որ այսօր Չինաստանի նման գերհզօր պետութիւնն իր գոյութիւնը զգացնել է տալիս Մերձաւոր Արեւելքում եւ Անդրկովկասում: Հայ-չինական յարաբերութիւնները գտնւում են բարեկամական հարթութեան վրայ եւ միտում ունեն զարգանալու` անվտանգութեան, տնտեսութեան, առեւտրի, մշակութային եւ այլ ոլորտներում:

Համաշխարհային առումով, արդէն յստակօրէն աշխարհը վերադառնում է երկբեւեռ ուժերի յարաբերակցութեան: 2003 թուականի Միացեալ Նահանգների Իրաք ներխուժման փաստը համոզում էր Փենթակոնի մասնագէտներին, թէ Միացեալ Նահանգների դէմ չի կարող պայքարել ոչ մի գերտէրութիւն, եւ Միացեալ Նահանգները կարող են ներթափանցել իւրաքանչիւր երկիր կամ տարածաշրջան` իրենց խաղի կանոնները թելադրելու համար: Այս ամերիկեան գերակայութիւնը մեծ հաշուով ձգուեց մինչեւ «Արաբական գարուն» գործողութիւնը: Վերջինս իրենից ներկայացնում էր ցոյցերի մեծ ալիք, որն էլ ենթադրում էր` արաբական աշխարհի վերակառուցում: Սակայն իրադրութիւնը զգալիօրէն փոխուեց Սիրիայի պատերազմում, երբ տարածաշրջանային ուժերից բացի` հանդէս եկան այնպիսի գերտէրութիւններ, ինչպիսիք են Ռուսաստանն ու Չինաստանը, որոնք էլ սատարում էին Սիրիայի իշխանութեանը` դիւանագիտական եւ ռազմական առումներով: Իսկ Հայաստանը չէր կարող անտարբեր լինել վերոնշեալ պատերազմի հանդէպ, քանի որ ունէր սփիւռքի ամենահին համայնքներից մէկի լինել-չլինելու խնդիրը: Սակայն խնդիրը սահմանափակուած չէր լոկ սիրիահայութեան անվտանգութեան հարցերով, այլ Թուրքիան` ի դէմս Էրտողանի, հրաժարուել էր իր կողմից ստեղծուած «Զերօ խնդիր հարեւանների հետ» քաղաքականութիւնից եւ որդեգրել էր համաիսլամական գաղափարախօսութիւն, որը նոյնպէս վտանգ է Հայաստանի եւ Արցախի համար: Գաղտնիք չէ,  որ 90-ականներին արցախեան պատերազմում  Ազրպէյճանի կազմում կռուել են մեծ թուով իսլամականներ` Չեչնիայից, Աֆղանստանից եւ Փաքիստանից: Աւելի՛ն. Թուրքիան թշնամական կեցուածք ունի թէ՛ Սիրիայի եւ թէ՛ Հայաստանի հանդէպ, մի կողմում հրահրել է պատերազմ, իսկ միւս կողմում սահմանները փակ պահել` պատճառաբանելով արցախեան հիմնահարցը, այսպիսով, ինքըստինքեան պատճառ դառնալով հայ-սիրիական յարաբերութիւնների առաւել սերտացմանը:

Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը բազմիցս փորձել են արցախեան հակամարտութիւնը ներկայացնել իսլամական միջազգային հարթակներում` որպէս կրօնական հակամարտութիւն: Ներկայում  Թուրքիան հանդիսանում է Սիրիայի պատերազմում Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալների հովանաւորն ու համակարգողը: Անվտանգութեան նկատառումներից ելնելով` Հայաստանին անհրաժեշտ է, որ կապերն աւելի սերտացնի Սիրիա-Լիբանան-Իրան-Ռուսաստան-Չինաստան պլոքի հետ:

Երկրորդ խնդիրը տարածաշրջանում քառօրեայ պատերազմից յետոյ ստեղծուած իրավիճակն է, որը խաթարեց խաղաղ բանակցութիւնների միջոցով արցախեան հիմնահարցի կարգաւորման տեսլականը. Ազրպէյճանը սկսեց աւելի յաճախ խօսել պատերազմների մասին: Հայութիւնը, բնականաբար, այս նոր իրադրութեան պայմաններում չի կարող շրջանցել առկայ վտանգը: Մեր քաղաքականութիւնը նոյնպէս պէտք է ենթարկուի փոփոխութեան եւ շեշտը դրուի ազգայինի վրայ` զօրաշարժի ենթարկելով համայն հայութեան ներուժը լինի Հայաստանում, թէ սփիւռքում: Թուրքական իսլամականութիւնը ծաւալապաշտական գաղափարախօսութիւն է, որը յայտնի է նոր-օսմանականութիւն անունով` Կիպրոսի կղզուց մինչեւ Չինաստան, եւ այս վտանգի դէմն առնելու համար բացւում է համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւն, որը ինքըստինքեան մօտեցնում է Հայաստանի եւ Չինաստանի շահերն անվտանգութեան հարցում. այսինքն թուրքական սպառնալիքն արդէն իսկ հիմնական տեղ է զբաղեցնում Չինաստանի անվտանգութեան համակարգում:

Թուրք-չինական յարաբերութիւնները սրուել են, մասնաւորապէս, Էրտողանի իշխանութեան օրօք, երբ վերջինս չզլացաւ կրօնական եւ ազգային ուղերձներ յղել աշխարհի բոլոր թուրքալեզու ազգերին` ներկայանալով իրեն որպէս համայն թուրքալեզու ցեղերի առաջնորդ: Թէեւ կարծիքներ են հնչում, որ Էրտողանը տառապում է ամբոխահաճութեամբ, սակայն նա նպատակասլաց աջակցում է Սինճիանկի ինքնավար մարզի թուրք ույղուրներին եւ արդէն ստեղծել է 250 հազար ույղուրական համայնք Թուրքիայում, որոնցից 5000-ը, ըստ Սիրիայի պաշտօնական տուեալների, կռւում են Սիրիայում` իսլամական ուժերի շարքերում: Սա չափազանց մեծ վտանգ է Չինաստանի թէ՛ անվտանգութեան եւ թէ՛ տնտեսական զարգացման համար, քանի որ այդ իսլամական զինեալներն արդէն լինելով արհեստավարժ, կարող են կատարել ահաբեկչական գործողութիւններ Չինաստանի ներսում եւ պատճառել  մարդկային եւ նիւթական մեծ վնասներ:

Ներկայումս աշխարհը կանգնած է ահաբեկչական վտանգի առջեւ, եւ միջազգային յարաբերութիւններում նոր հնարաւորութիւններ են ստեղծւում համախմբելու այն բոլոր երկրներին, որոնք թիրախ են հանդիսանում իսլամական ահաբեկչութեան: Հայաստանի համար սա չափազանց կարեւոր ժամանակաշրջան է` աշխարհին ցոյց տալու իր փորձը, թէ ինչպէ՞ս կարելի է դուրս գալ օսմանեան բռնատիրութեան դէմ եւ ինչպիսի՛ ազատագրական պայքար մղել իսլամական անհանդուրժողականութեան դէմ: Ոչ ոք մեզանից լաւ չի կարող իմանալ թէ՛ թուրք իսլամականի, թէ՛ թուրք ազգայնականի հոգեկերտուածքը, եւ այստեղ հայ պատմաբաններն ու քաղաքական գործիչներն ունեն մեծ առաւելութիւն` յայտնելու իրենց փորձը Չինաստանի համապատասխան մարմիններին:

Եւ այսպէս, Հայաստանը, նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման հետ համահունչ, պէտք է այսօրուանից իսկ ձեռնամուխ լինի Չինաստանի հետ կառուցել ոչ միայն բարեկամական յարաբերութիւններ, այլեւ հետեւողականօրէն մշակի յստակ մարտավարութիւն եւ գծի յարաբերութիւնների զարգացման ճանապարհային քարտէզ: Սա կը լինի լուրջ այլընտրանք եւ մեծ փորձ` երկու հին քաղաքակրթութիւն ունեցող ազգերի միջեւ, նկատի ունենալով, որ երկու երկրները ներկայումս կարեւորում են ազգային գաղափարախօսութիւնը:

 

Ընտրական Քրոնիկ. ՀՅ Դաշնակցութեան Ընտրական Մեքենային Կամաւոր Բանակը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Լիբանանի վերջին քաղաքացիական պատերազմէն (1975-1990) ետք, 1992-ին տեղի պիտի ունենային առաջին երեսփոխանական ընտրութիւնները` հետեւելով Թաէֆի համաձայնագիրով ընդունուած նոր պայմաններուն:

Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն առաջին մասնակցութիւնս պիտի ըլլար, քանի որ ընտրելու իրաւունք ունեցած տարիքիս յաջորդող տարիներուն կա՛մ ընտրութիւն տեղի չէր ունեցած` խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին պատճառով, կա՛մ երկրէն դուրս կը գտնուէի:

Մեծ էր խանդավառութիւնը ամէնուրեք, մանաւանդ` հայկական իրականութեան մէջ, երբ Թաէֆի համաձայնագիրով Լիբանանի խորհրդարանին մէջ մէկ հայ առաքելական աթոռ պիտի աւելնար, Զահլէ գաւառին մէջ, սակայն խորհրդարանը պիտի ունենար 128 աթոռ` 99-ի փոխարէն:

Բնաւ գաղափար չունէի ընտրութեան պատրաստութեան կազմակերպչական հսկայական աշխատանքէն, որ կը սկսի ամիսներ առաջ, եւ որուն նպատակն է դիւրացնել հայ քուէարկողին` Լիբանանի հազարաւոր քուէատուփերէն իր ինքնութեան գրանցումի համարին (սըժըլ) համապատասխանող քուէատուփ ուղղուիլը: Այլ կարեւոր աշխատանք է նաեւ բիւրեղացնել հայ քուէարկողին ինքնութեան տուեալները` սրբագրութիւններ կատարելով ընտրացանկերուն մէջ վրիպած անուններուն եւ այլ մանրամասնութիւններուն, համապատասխան իւրաքանչիւր քուէատուփին, զոր կը հրապարակէ ներքին գործոց նախարարութիւնը: Հսկայական ու բծախնդիր աշխատանք, որուն ռահվիրան ու մասնագէտը եղած է ՀՅԴ-ն իր կամաւոր «բանակ»-ով:

Իբրեւ Պուրճ Համուտի մէջ քուէարկողի` ինծի վստահուեցաւ իմ քուէատուփիս, որ կը գտնուէր Ազգային Քառասնից Մանկանց վարժարանի դասարաններէն մէկուն մէջ, իբրեւ ՀՅԴ-ի երկու դիտորդներէն մէկը` (մենտուպ) հսկել քուէարկութեան օրինաւոր ընթացքին եւ ապա քուէներու հաշուելուն, եւ աւարտին` վաւերացնել քուէներուն հաշուեպատկերը: Այս աշխատանքը լիապէս կատարելու համար ինծի տրուած էր մեր քուէատուփին պաշտօնական ընտրացանկէն օրինակ մը, որուն վրայ կ՛արձանագրէի քուէարկողները եւ աչքառու պատահարները, որոնք շատ էին ու բաւական հետաքրքրական:

Այս պարտականութեան մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու համար, քուէարկութեան օրը, առաւօտեան ժամը վեցին, Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի բոլոր կամաւորները հրաւիրուեցան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահ: Միտքէս ըսի, որ այդ ժամուն ո՞վ ներկայ պիտի ըլլար… Դրական զարմանքս մեծ եղաւ, երբ ժամը վեցէն առաջ իսկ` 5:45-ին, սրահը լեցուած էր կամաւոր «բանակ»-ով, մեծամասնութիւնը` համակիրներ, եւ հազիւ կրցայ պատշգամին աստիճաններուն վրայ տեղ մը գտնել նստելու… Մինչ կարգ մը կազմակերպութիւններ եւ թեկնածուներ այս սրահը լեցնողներուն թիւով քուէարկողներ իսկ չունին (չունէին): Ա՛յս է ու կը մնայ հզօրութեան ցուցանիշներէն մէկը եւ ժողովուրդին անվերապահ վստահութիւնը իր աչալուրջ կազմակերպութեան` ՀՅԴ-ին:

9 ապրիլ 2018

 

Viewing all 12115 articles
Browse latest View live