ԱՍՏՂԻԿ Կ. ԱՇԸԳԵԱՆ
Ինչպէ՞ս պատմեմ այն կողմ մնացած հայրենիքիս մասին: Ինչպէ՞ս լիարժէքօրէն արտայայտեմ զգացումներս:
Գեղեցկութիւն, հանդարտութիւն եւ տխրութիւն` ամէն կողմ: Լեռները, քարերը, գետերը, լիճերը, խոնարհած եկեղեցիները լուռ ու տխուր, բայց մեծ սիրով ու անհուն կարօտով կ՛ընդունին մեզ: Հարազատներ, որոնց կ՛այցելենք երկար բացակայութենէ ետք: Յանցաւորի ահաւոր զգացում եւ մեծ բեռ կայ մեր հոգիներուն վրայ: Այդ կոթողներուն եւ լեռներուն խոնարհաբար կը մօտենանք: Ճակատագիրը շատ խիստ գտնուած է մեզի նկատմամբ, մենք` այդ հողերուն տէրերը, կոտորուած, աքսորուած եւ աշխարհով մէկ սփռուած ենք, զրկուած` հայրենի հողի ուժէն, բարիքներէն, եւ դատապարտուած` անհուն կարօտով: Իսկ այդ հողերը, եկեղեցիները մնացած են առանց իրենց հարազատ մշակներուն, աղօթողներուն, առանց հորովելի եւ առանց շարականի:
Իրար հակասող զգացումներու շարան մը, վերջ չունեցող, կը բռնկի: Ցաւ եւ հպարտութիւն, յուսահատութիւն եւ պատասխանատուութիւն, բողոք եւ վճռակամութիւն:
Բայց ամէնէն աւելի իշխող մտածումները ապագայի մասին են` կորուստին ահաւորութիւնը ըմբռնելու, գիտակցելու եւ ընելիքներու անհրաժեշտութեան մասին խորհելու:
Արեւմտեան Հայաստանը հայութեան սիրտն է:
Ամբողջ ժամանակ կը մտածես, կը մտածես` ի՞նչ է լուծումը, ինչպէ՞ս պիտի կրնանք վերադարձնել այս հողերը եւ ե՞րբ: Եկեղեցիները եւ վանքերը ինչպէ՞ս վերանորոգել, ինչպէ՞ս վերաբնակեցնել հո՛ղ հայրենին:
Որքա՜ն հզօր հայրենիք եւ նոյնքան հզօր սփիւռք պիտի ունենանք, որ այդ նպատակները իրականանան: Մեր սերունդին դերը ի՞նչ պիտի ըլլայ: Անվերջ մտածումներու մէջ ես… Հողին զօրութիւնը կը ներգործէ մէջդ:
Մեր նախկին սերունդները Ցեղասպանութենէն քանի մը տարի ետք անկախութիւն կերտած են, իսկ մեր մանկութեան տարիներուն ականատես եղանք արցախեան հերոսամարտին ու յաղթանակին: Իսկ մեր սերունդը ի՞նչ ընելիք ունի: Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր մատնահետքը հայոց պատմութեան էջերուն վրայ: Մենք, որ հնարաւորութիւններու եւ կարելիութիւններու դարը կ՛ապրինք:
Հայրս միշտ կը կրկնէ. «Չորս թագաւորութիւններ ունեցիր, իսկ հիմա` միայն կտոր մը հայրենիք»: Կ՛ըլլան պահեր, որ կը մտածես` այնքան անզօր ու միամի՞տ էինք, որ չկրցանք տէր կանգնիլ այս չքնաղ հայրենիքին, գիտնալով, որ այդպէս մտածելով ոչ մէկ եզրակացութեան կը հասնիս: Այդքան կորուստ եւ աւերուածութիւն տեսնելով` չես կրնար չընդվզիլ, չպոռթկալ: Եւ կորուսեալ հայրենի հողին վրայ ա՛լ աւելի կը կը զգաս պարտաւորութիւնն ու պատասխանատուութիւնը տէ՛ր մնալու մեզի ժառանգութիւն հասած կտոր մը հայրենիքին, նորովի կը գնահատես ամէն գնով զայն պաշտպանելու մեր բոլոր հերոսներուն սխրագործութիւնը, անոնցմէ ոմանց` գիտակից ու անկրկնելի անձնուիրումը: Հզօ՛ր հայրենիք ունենալու անոնց երազանքը անկատար պիտի չմնայ բնաւ:
Անցեալ տարուան ապրիլին, քառօրեայ պատերազմին մենք մեր աչքին անակնկալի եկանք` աշխարհով մէկ հայրենակիցներու զարթօնքը եւ միասնակամութիւնը տեսնելով: Արցախին` մեր նորօրեայ պատմութեան հպարտութեան վտանգ կը սպառնար, բոլորը փութացին օգնութեան: իսկ այս ապրիլին հակառակը կատարուեցաւ: Որքա՞ն ժամանակ պէտք է դեռ խորհրդային 70 տարիներու մտածելակերպի մնացորդները, ազդեցութիւները եւ հետքերը վերացնելու համար: Որքա՜ն ժամանակ պէտք է ազատ, անկախ, անկաշկանդ եւ գիտակից քաղաքացիներ ունենալու համար:
Մեր ուխտագնացութիւնը սկսաւ Ախալքալաքէն, անոր խորտուբորտ ճամբաներէն: Հայ- վրացական սահմանը շատ վատ վիճակի մէջ է` բաղդատած թուրք-վրացական սահմանին: Վրացական իշխանութիւնները դիտումնաւոր կերպով լքուածութեան մատնած են ամբողջ հայկական Ջաւախքը` որպէս ճնշման ձեւ, ջաւախահայութիւնը մղելով արտագաղթի, Ջաւախքը հայաթափելու հեռու նպատակ ունենալով:
Բոլոր այդ դժուարութիւններով հանդերձ, Ջաւախքը հայութեամբ կը բաբախէ: Ամէն կողմ հայերէն գրութիւններ են, խանութ, դեղատուն եւ այլն: Տուները ունին հետաքրքրական ճարտարապետութիւն եւ ներկուած են ճերմակ ու բաց կապոյտ-կանաչ գոյներով: Գիւղացիները առտու կանուխ աշխուժութեամբ կ՛աշխատին իրենց հողերուն եւ ագարակներուն մէջ: Ջաւախքը ինքնին Հայ դատի նուրբ մասնիկ է, որ պէտք է արժանանայ ամբողջ հայութեան հոգածութեան:
Կը շարունակենք մեր ճամբան: Կ՛անցնինք թրքական սահմանը: Կը սպասէի որ, թուրք զինուորներուն մեզ դիմաւորելը աւելի չոր ըլլար, թէեւ անոնք ենթադրածէս շատ աւելի սիրալիր էին, թէեւ զգուշ ժպիտ մը կար դէմքերնուն վրայ: Գիտեն, որ մեր հայրենիքը տեսնելու կ՛երթանք: Գիտեն, որ մենք ենք տէրն ու տիրականը: Թերեւս տգէտ եւ հասարակ ժողովուրդին պէս չեն կարծեր, որ հայերը 30 միլիոնանոց ազգ են, որ պիտի գան ուշ կամ կանուխ եւ դուրս պիտի վռնտեն զիրենք իրենց տուներէն: Թուրքիոյ կառավարութիւնը իրենց նոր բնակութեան վայրեր պիտի տայ աւելի ներքին շրջաններուն մէջ: (Մուշի գիւղացիներէն ոմանք այսպէս արտայայտուած էին մեր զբօսավարին): Եթէ մեր հանդիպած զինուորները այդքան միամիտ չէին, սակայն հայերուս նկատմամբ յատուկ պատկառանքի նմանող մօտեցում մը ունէին, ինչպէս նաեւ` միւս թուրք քաղաքացիները, որոնց հանդիպեցանք մեր մնացած պանդոկին կամ ճաշարաններուն մէջ: Այս վերաբերմունքը լաւ զգացողութիւններ պատճառեց մեզի:
Ճամբուն վրայ կեցանք Ծովակն հիւսիսոյ` «Չըլտըր լիճ», որ Հայկական Բարձրաւանդակի 4-րդ ամէնէն մեծ լիճն է, 1800 մ բարձրութեան վրայ, ամբողջովին սառած էր: Առաջին անգամ կը տեսնէի սառած հսկայական լիճ: Այս լիճը հարուստ է համեղ տարեխով եւ Թուրքիոյ մէջ ձկնորսութեան յայտնի վայրերէն մէկն է:
Կարս կ՛երթանք նախաճաշելու: Մեր յայտագիրին մէջ գրուած էր այդ, եւ ձգեց` ինչե՜ր երեւակայեմ: Եթէ այլ ըլլար մեր ազգին ճակատագիրը, երբ որ ուզէինք, կրնայինք Կարս երթալ նախաճաշ ընելու: Երթուղայինները կրնային տանիլ Կարս կայարանէն 200 դրամով, հաւանաբար մէկ ժամ տեւէր ճամբան: Կ՛երթայինք համեղ պանիրով հաց ուտելու, վերադարձին ալ մեզի հետ մեղր կը բերէինք:
Յաջորդ քաղաքը Անին է: Անիի աւերակները եւ Հայաստանի սահմանին այդքան մօտիկ ըլլալը վրդովիչ է: Այստեղ արդէն ամբողջ դաժան իրականութիւնը աչքիդ առջեւ կ՛երեւայ: Սահմանին աջ կողմը աւերակուած, լքուած հայրենիք, միւս կողմը` հազար ու մէկ դժուարութեամբ գոյատեւող, ծաղկող հայրենիք:
Անիի մայր տաճարը կ՛ապշեցնէ իր ճարտարապետութեամբ: Հայու հոգին կը բաբախէ լուռ, տանջուած, սրբատաշ ամէն մէկ քարի մէջ: Կիսով խոնարհած, հոյակերտ հայկականութեամբ, հպարտօրէն դիմացած է ժամանակի փորձութիւններուն, կանգուն է համաշխարհայնացման դէմ:
Արդէն մութ է, երբ կ՛անցնինք Արաքս գետին վրայ կապուած կամուրջէն: Կանգ կ՛առնենք: Կը վայելենք գետին կարկաչը եւ աստղազարդ երկինքը:
Յաջորդ օր կ՛այցելենք Արարատի լանջերուն գտնուող Տարօինք բերդը: ճամբան կը շարունակենք դէպի Վասպուրական աշխարհ` Ծաղկանց լեռներով: Անհամբեր եմ ծրագրին մէջ ներառուած վայրերը տեսնելուն, բայց յատկապէս` Վանը: Թերեւս, որովհետեւ մեր առաջին մայրաքաղաքն է, ինծի համար` մեր յաւերժական մայրաքաղաքը: Կամ` որովհետեւ շատ տպաւորուած եմ Մալխասի «Զարթօնք»-ով, որ ամէնէն սիրած հայակական վէպս է, եւ կամ ալ խորքէս կը զգայի նոր զարթօնքի մը անհրաժեշտութիւնը մեր ազգին մէջ: Յուզուած եմ:
Կը հանդիպինք 3500 մ բարձրութիւն ունեցող հրաբխային Թոնդրակ լերան եւ անոր լաւայով լեցուն դաշտերուն:
Վան քաղաքը կը նմանի Միջերկրականի շրջանի ինծի հարազատ քաղաքներուն: Բացի Կարսէն` միւս բոլոր քաղաքները այդպէս էին: Կառուցապատումը, շէնքերը, խանութները կը յիշեցնէին Լաթաքիան, ոչ մէկ խորհրդային շինարարական հետք կար, եւ այդ պատճառով առաւել հարազատութիւն կը զգայի:
Վան քաղաքի մէջէն անցնելով` կ՛երթանք Մհերի Դուռը, կը բարձրանանք մինչեւ վեր, դուռը կը զարնենք, բացող չկայ: Կը զարնենք ուժգին: Ոչ մէկ արձագանգ: Ան հոն չէ՞, արդէն դո՞ւրս եկած է, թէ՞ ներսն է եւ կը սպասէ, որ զօրանանք, հզօրանանք, որ բանայ:
Դէպի Վանի բերդ…
Շուշի՛ բերդաքաղաք, մե՛րն էիր` մեզմէ բռնի օտարացուած, կրկին մերն ես, մերը ըրինք քեզ, մենք չէինք կրնար քեզ օտարին գերի ձգել: Վա՛ն բերդաքաղաք, դուն միշտ մերը եղած ես, մերն ես` թէկուզ գերուած ու միշտ մե՛րը պիտի մնաս: Ի զուր են թուրքին դարերը, դաւերը, ուրացումներն ու կործանումները: Վանի բերդը կանգուն է: Մհերի Դրան բանալին միայն հայը ունի:
Մեր նորագոյն իսկական յաղթանակները սկսած ենք բերդաքաղաքներու ազատագրումով… Թո՛ղ շարունակուի այդ ճամբան:
Մուշ քաղաքի առաջին կանգառը հայկական Սարիթաղն էր, ուր մնացած են քանի մը հին հայկական տուներ եւ Ս. Մարինէ եկեղեցին` փլատակ: Դիմացի բլուրին վրայ պէտք էր որ ըլլար հայկական գերեզմանատունը, որմէ հետք իսկ չէ մնացած: Այնտեղ պէտք էր ըլլար նաեւ Գէորգ Չաւուշի գերեզմանը: Կ՛այցելենք հերոսի նահատակութեան վայրը` Սուլուխի կամուրջը:
Յարութեան տօնի կիրակին է: Կը բարձրանանք Ս. Կարապետ, որմէ երկու կիսաքանդ գմբէթ մնացած է: Բոլոր մօտակայ գիւղացիներուն տուներու պատերուն վրայ կ՛երեւին եկեղեցւոյ սրբաքարեր, խաչքարեր: Ս. Զատիկը Ս. Կարապետ վանքին մէջ հաւանաբար շատո՜նց չէր տօնուած: Թուրքը ուզեց մէկ հայ ձգել` որպէս թանգարանային նմուշ, բայց մենք երրորդ, չորրորդ սերունդն ենք Ցեղասպանութիւնը տեսած հայերուն եւ Ս. Զատիկին Ս. Կարապետի մէջ կ՛աղօթենք, աւանդական հաւկթախաղ կը կատարենք եւ Արցախի գինի կը խմենք: Ահա բաւարար փաստ, որ մենք յարեալ ազգ ենք, մենք անկարելին չճանչցող ազգ ենք:
Ուխտագնացութեան ամէնէն դժուարը Ս. Առաքելոց վանքը բարձրանալն է: Իսկապէս ուխտատեղի է, հազիւ մէկ բլուրը կը բարձրանաս, ուրիշ մը կ՛երեւի առջեւդ: Մօտաւորապէս երկու ժամ մագլցելէ ետք, վերջապէս կը հասնինք մեր ամէնէն մեծ եւ նշանաւոր ուխտատեղիներէն մէկը: Կը զարմանաս` այդքան բարձրութեան վրայ ինչպէ՛ս վանային համալիր կառուցած են մեր նախահայրերը: Ս. Առաքելոցը շատ մինակ է եւ առանձին: Ամբողջ Մուշի եւ Կարինի տեսարանը կը բացուի բարձունքէն, ձախին` Բիւրակն (Պինկէօլը), աջին` Տաւրոսի ձիւնածածկ լեռնաշղթան: Վերջին մարդկային հետքերը գանձ փնտռողներու ձգած փոսերն են:
Վերջին օրուան ծրագիրը Կարինն է, որ ժամանակի առումով ամէնէն նոր կապս է արեւմտեան հայրենիքիս հետ` հօրս մօրենական կողմէ մեծ մօր ծննդավայրը ըլլալով: Ան` Մարի Գաւաֆեանը, Ցեղասպանութենէն փրկուած որբ մըն էր, որ բարի մարդոց օգնութեամբ հասած էր Լիբանանը, հայ մանուկներու որբանոցներէն մէկուն մէջ մնացած եւ ապագային Քեսապ հարս եկած: Իսկ հին կապը` բուն կապը, կու գայ Տիգրան Մեծի ժամանակներէն, որուն օրով առաջին հայերը Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր շրջաններէն հաստատուեցան Կիլիկիա` Քեսապ, եւ մինչեւ այսօր այնտեղ են: Արմատներս:
Կարին-Էրզրումը հիմա Թուրքիոյ համար ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեցող քաղաք է եւ ամէնէն ազգայնական քաղաքներէն մէկը: 400.000 բնակչութիւն ունի եւ նշանաւոր է ձմեռնային մարզախաղերով:
Կ՛այցելենք Սանասարեան վարժարան, որ ամբողջովին պահպանուած է ու վերածուած` թանգարանի: Ս. Աստուածածին եկեղեցին մզկիթի վերածուած է: Ճամբուն հանդիպակաց փլատակ շէնքը ՀՅԴ գրասենեակը եղած է:
Արաքսի վրայի Հովիւի կամուրջը բռնելով` վերադարձի ճամբան նորէն դէպի Կարս է: Արեւնամուտին կը բարձրանանք Կարսի բերդը, կ՛այցելենք Ս. Առաքելոց եկեղեցին: Մեր այցելութեան վերջին կանգառը Եղիշէ Չարենցի տունն է:
Մեր սրտերն ու հոգիները հազար ու մի տեսակ մտածումներով եւ զգացումներով լեցուն` Ջաւախքի ոլոր-մոլոր ճամբաներով կը վերադառնանք չքնաղ Երեւան` հայութեան բաբախուն կեդրոնը, մեր բոլոր յաղթանակներուն պատուանդանը եւ մեր լինելիութեան ամրակուռ խարիսխը:
30 հոգինոց խումբ էինք` հայաստանաբնակներ եւ սփիւռքի զանազան երկիրներէ եկածներ: Շատերուս համար առաջին այցելութիւնն էր: Շատ հետաքրքրական էր լսել տարբեր երկիրներէ եկած, զանազան մտածողութիւններ եւ գաղափարական ուղղուածութիւններ ունեցող հայերուս հակազդեցութիւնը բռնագրաւուած հայրենիքի մասին: Ոմանք տեղւոյն վրայ իրենց յուզմունքը կ՛արտայայտէին արցունքներով, ոմանք` բառերով, ոմանք «կենաց»-ներով, ոմանք լուսանկարներով կը փորձէին առաւելագոյնս անմահացնել այդ պահերը (տաղանդաւոր լուսանկարիչներ կային, որոնց աչքի գործերը դիտելով` իրապէս հրճուանք զգացինք տուն վերադառնալէ ետք): Ոմանք ալ պարզապէս լուռ ապրեցան իրենց եզակի այդ փորձառութիւնը: Բոլորիս մէջ արեան նոյն կանչը կը հնչէր տարբեր դրսեւորումներով:
Որքան որ ալ շրջագայեցանք, ո՛չ մէկ տեղ, ո՛չ մէկ վայրկեան օտար զգացինք: Կարծես մեր նահատակներուն հոգիները մեզի հետ էին: Հայրենի հողին ուժը չդաւաճանեց մեզի: Հակառակ աւերուածութեան հսկայ ծաւալին` անսահման հպարտութեամբ կը յորդէինք ամէնքս: Ու մանաւանդ զգացինք, որ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ որքան անուշ ու հնչեղ է մեր արեւմտահայերէնը, որովհետեւ կը ձայնէր ոչ թէ մեր հագագներէն, այլ` մեր հոգիներէն:
Մօտէն տեսնելու եւ ծանօթանալու զգացողութիւնը տարբեր է: Այլեւս միայն նկարներ կամ տեսերիզներ կամ կարդացածդ չէ, որ կը մտաբերես Արեւմտեան Հայաստանը յիշելուն պէս, այլ` այնտեղ ապրած պահերը: Այս հանգամանքը աւելի մեծ պատասխանատուութիւն կը դնէ վրադ: Ահա՛ գացիր, աչքովդ տեսար, հիմա ի՞նչ պիտի ընես:
Ո՛ւր ալ ըլլանք, ի՛նչ որ ալ կ՛ընենք, ամէն օր մտածե՛նք` ի՞նչ կրնանք ընել մեր հայրենիքին համար: Ո՛ւր որ ալ կ՛ապրինք, այդ ոգին թող արտացոլայ մեր առօրեայ կեանքին մէջ` ամէնէն աննշան թուացող մանրամասնութիւններէն մինչեւ ամէնէն մեծ գաղափարական հարցերու մէջ հայկականը գնահատելով, գերադասելով եւ առաջնահերթութիւն համարելով:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Արեւմտեան Հայաստանը մե՛րն է: Ան բնաւ չէ դադրած մերը ըլլալէն: Անոր ամէն մէկ քարը եւ ամէն թիզ հողը հայկական է: Գացի, տեսայ եւ համոզուեցայ: Փախուստ չկայ: Ուշ կամ կանուխ հայկականութիւնը պիտի տրոփէ այնտեղ ո՛ւժգնօրէն:
Ա՛լ Արեւմտեան Հայաստան երթալը միայն ուխտագնացութեան նպատակով պէտք չէ ըլլայ, այլ` աւելի խոր եւ հեռապատկերային միտումներով: Այնտեղի մեր հայրենակիցներուն հետ կապ հաստատելու, զիրենք իրենց ինքնութեան հետ ընտելացնելու նպատակով: Զանոնք մե՛րը ընելու: Ըսելու իրենց, որ իրե՛նք են իսկական արեւմտահայերը, Էրկրի տէրերը, իրե՛նք են հողին վրայ ապրողները, հայրենիքին մէջ մնացողները: Ազգային նոր զարթօնքի կայծերը ձգենք անոնց մէջ, որովհետեւ այնտեղէն է, որ պիտի սկսի մեր նոր պատմութիւնը:
Երեւան, օգոստոս 2017
սashekianasdghig@gmail.com