Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12135 articles
Browse latest View live

Կոմիտասեան Երգեր Մեկնաբանող Մշակին` Գէորգ Հաճեանին

$
0
0

ԱՐԱՄ ՔՀՆՅ. ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Հոգեւոր հովիւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց

Մեծ ուրախութեամբ ունկնդրեցի Գէորգ Հաճեանի ձայնատեսային վերջին ներկայացումը YouTube-ի մէջ, որուն պատգամը յարատեւ պայքար ու յաղթանակ ապահովելու ալիքը կը սփռէ: Խորքին մէջ կը բնութագրէ Արցախ աշխարհի ֆետայի բանակի շրջադարձային փուլերը` սկսելով քառօրեայ պատերազմէն, որուն մէջ յստակ կերպով կը բնորոշուին` հայու հաստատակամ, ազատատենչ եւ արծուի կերպարանքով սաւառնող տենչը, հայ զինուորի նախանձախնդրութեան ոգին, հայրենի անոր հողին նկատմամբ ունեցած կապուածութիւնը, հերոսական մարտնչումը հայոց մարտունակ բանակի զինուորներուն, որոնք անձնազոհ, կամաւոր եւ իմացեալ մահի տեսլականով կը պայքարին ոսոխին դէմ` հայրենի հողի պաշտպանութեան, սրբութեան եւ անվտանգութեան համար:

Սիրելի՛ Գէորգ, ներկայացումը իր խրոխտ պատկերներով, թատերական հաճելի ընկալումով ու տարբեր ձեւերով ու կերպերով իր պսակումին կը յանգի` ձեր կողմէն երաժշտական իւրայատուկ կատարումով, որ բացառիկ պատկեր կը պարզէ առաջին հերթին ըմբոշխնողին` ոչ միայն երաժշտական մարզին մէջ հմտացած անձի ներաշխարհը պարուրելու, այլեւ` պարզ ունկնդրողին, որովհետեւ իր մէջ կ՛ընդգրկէ բազմակողմանի ճաշակներ ու պատկերներ` յուզական, հոգեւոր, ազգային, հայրենասիրական, գեղագիտական ու սրբազան շերտերով պատգամներ կը փոխանցէ:

Մեծ հաճոյքով ունկնդրեցի, իր բառերով, տեսալսողական երաժշտութիւնը, որուն մէջ յստակ կերպով կը հնչեն` հայ ժողովուրդի վիշտն ու ուրախութիւնը, ցաւն ու երազը, եւ միանգամայն` հայ զինուորին աղօթքը, հոգեւոր սնունդի առատահոս եւ անսպառ աղբիւրէն լոյսով ողողուելու ու անով ներթափանցուելու, անիմանալի լոյսին ընկերակցութեամբ յաղթական կերպով ընթանալու. հայ զինուորը կը տենչայ լոյսով ճակատելու, որովհետեւ լոյսը օրհնութիւն է, ապահովութիւն է, բարիք է եւ գեղեցկութիւն, լոյսին մէջ կանք զօրեղ ու ամուր, չմոռնանք հայ ժողովուրդը լոյս տենչացող ժողովուրդ է:

Սիրելի՛ Գէորգ, պատանեկութեանս տարիներէն կը ճանչնամ քեզ, Այնճար աւանի նոյն թաղի պատանիներ, տղայական անմեղունակ չարութիւններով, երբեմն հաշտ եւ բարեկամական վերաբերումով եւ երբեմն ալ` ըմբոստ կեցուածքով: Օրերը գլորուեցան երկրորդ ճանաչողական ու մտերմութեան փուլը հանդիսացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, երբ միասնաբար Ընծայարանի որպէս ուսանողներ` թրծուեցանք եկեղեցագիտական, ծիսական, աստուածաբանական, բնազանցական, հայագիտական նիւթերով ու գիտելիքներով: Աստուծոյ կողմէ ստացած գանձերէն մին` գեղեցիկ ու հմայիչ ձայնդ արծարծ պահեցիր դպրեվանքի տարիներուն դասապետի պաշտօնով: Արդէն մենք` դպրեվանեցիներս մեծ հրճուանքով կը լսէինք երանաշնորհ մեր եկեղեցական հայրերուն շունչով օծուն այնքան ճոխ եւ միանգամայն հարուստ շարականները, որ ոչ միայն երգողին, այլեւ ունկնդրողին հոգեկան բաւարարութիւն կը պարգեւէր տարբեր, բազմազան, պարզ եւ խրթին եղանակներով, որուն մէջ աստուածային բնատուր ձայնդ, երաժշտական օրէնքներուն եւ գիտելիքներուն ընկալումը եւ հոգեւոր երաժշտութեան մեկնաբանումը բանալիներն են յաջող եւ մաքուր երգեցողութեան: Տարիները թաւալեցան, դարձեալ հանդիպեցանք նոյն թեմի սահմաններու մէջ` որպէս Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու թեմ, աշխարհագրական հեռաւորութեամբ, տարբեր պաշտօններով ու դերակատարութեամբ: Սիրելի՛ Գէորգ, Քուէյթի մէջ եղար ազգային հասարակական գործիչ, դպրապետ, գործադիր քարտուղար, դասատու, եւ մենք, ես` որպէս Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հոգեւոր հովիւ` յաճախ խօսակցելու եւ տեսնուելու առիթներ կ՛ունենայինք: Նախախնամութեան տուած պարգեւը շարունակեցիր մշակել ու ծաղկեցնել` հայ երաժշտութիւն դասաւանդելով եւ հայ երգը վառ պահելով: Վերջին շրջանին Աստուծոյ ձայնին կանչը քեզ առաջնորդեց դէպի հայրենիք, եւ դուն այնտեղ գտար ինքնութիւնդ. կը լսեմ ու կը տեսնեմ բաւարարութիւնդ ու հրճուանքդ մայր հայրենիքին նկատմամբ, առօրեայ խօսակցութեանդ, ապրումներուդ եւ զգացումներուդ ընդմէջէն` հայրենի հողին սէրն ու կապուածութիւնն ու քաջալերանքը, քարոզչական աշխատանքդ դէպի հայրենիք բացուելու եւ հայութիւնը հայրենիքով ծաղկեցնելու: Ահաւասիկ հանապազօրեայ աշխատանքով, պրպտումներով, այցելութիւններով, ճիգով եղար նշանաւոր ու մաքուր երգող երգիչներու անուանացանկի անդամ: Շատեր կ՛երգեն, շատեր ձայն ունին, սակայն քիչեր երգել գիտեն եւ, մանաւանդ, մաքուր կ՛երգեն, ամէն ձայն ունեցող երգիչ չէ, ամէն երգող երգիչ չէ, ամէն երգով ելոյթ ունեցող անձ չի հրապուրեր իր շրջապատը, վկա՛յ Հայ եկեղեցւոյ շարականներու երգեցողութեան մեկնաբանութիւնը, վկա՛յ եւրոպական ձայնագրութեան հմտութիւնը, վկա՛յ մանաւանդ հայ ժողովուրդի պարծանքը հանդիսացող  անմահ անուն Կոմիտաս վարդապետի յօրինած հոգեւոր եւ աշխարհիկ երգերու ներկայացումը, որոնք որպէս անգին գոհարներ` զանազան բեմերու վրայ հանդիսաւոր ելոյթներով մեծ բաւարարութիւն պարգեւեցին ունկնդիրներուն եւ ընկալողներուն:

Սիրելի՛ Գէորգ, դպրեվանքին մէջ կը կոչուէիր տիրացու Գէորգ, այսօր, սակայն, տարբեր անուն ունիս` կոմիտասեան երգեր մեկնաբանող երգիչ: Աստուած ձայնդ յարատեւ եւ դալար պահէ, ճիշդ է` դպրեվանք ընդունուեցար գուցէ հոգեւորական դառնալու եւ ծառայելու ազգիդ: Այսօր տարբեր ձեւերով եւ կերպերով կը ծառայես նոյն ազգին` երաժշտական կատարումով, ազդեցիկ երգեցողութեամբ: Այսօր ազգային, հոգեւոր ու հայրենասիրական երգերու մեկնաբանութեամբ կը մատուցես անգնահատելի ծառայութիւն` հայրենիքի ու աշխարհացրիւ հայութեան: Ճիշդ է` դպրեվանքի մէջ թրծուեցար, հոգեւորական չդարձար, սակայն մեներգութեան դաշտով եւ սրբազան ներկայացումով կը մատակարարես հայ երաժշտութեան անդաստանին մէջ գնահատելի ծառայութիւն: Ողջոյն, պատիւ եւ օրհնութիւն կոմիտասեան երգեր մեկնաբանող մշակին` Գէորգ Հաճեանին:

3 յունուար 2018
Շարժա

 


Որբացած Զարմուհիներ

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Երկու որբացած քոյրեր էին մայրս եւ մօրաքոյրս:

Որբանոցի մէջ. երկրորդ շարք ձախէն առաջինը՝ մայրս է

Խարբերդի Բալուի շրջանը լոյս աշխարհ եկած, սակայն առանց իսկ վայելելու իրենց մանկութեան անուշ տարիները` բռնած էին գաղթի ճամբան եւ ծնողազուրկ, հազար ու մէկ դժուարութիւններով հասած էին Լիբանանի «Քէլէկեան» որբանոցը, ուր մնացած էին մինչեւ որոշ տարիք մը, ապա մայրս ընտանիք կազմած էր նոյն որբանոցին մէջ հասակ առած երզնկացի որբի մը հետ, եւ այդ որբերէն կազմուած զոյգը աշխարհ բերած էր 4 զաւակներ: Երէց եղբայրս, երկու քոյրերս եւ այս տողերը գրողը:

Մօրաքոյրս, քանի մը տարի մօրս նորակազմ ընտանիքին մօտ մնալէ ետք, հարս գացած էր Հալէպ, իսկ աւելի ուշ` 1947-ին, ընտանիքով ներգաղթած էին Հայաստան:

Հայաստան տակաւին «Երկաթէ վարագոյրին» ետին կը գտնուէր, եւ ներկայ օրերու նման մօրս եւ իր Հայաստան հաստատուած քրոջը` իրարու այցելելու պատեհութիւնը այնքան ալ հեշտ չէր, սակայն մեր կարելին ըրինք, որ երկու քոյրեր զիրար տեսնելու առիթը ունենան` մօրս ուղարկելով Հայաստան, իսկ աւելի ուշ մօրաքոյրս ամսուան մը համար հրաւիրեցինք Պէյրութ, որուն առաջին անգամ ըլլալով հանդիպեցայ ու ծանօթացայ 1972-ին:

Երեւան վերադարձէն քանի մը ամիս հազիւ անց մահացաւ մօրաքոյրս: Տխուր էինք, միեւնոյն ժամանակ մայրս կը մխիթարէինք, որ իրարու հետ տեսնուելէ եւ երկար տարիներու կարօտը առնելէն ետք է, որ կորսնցուց իր գերդաստանէն ողջ մնացած միակ հարազատը:

Դժբախտաբար շատ մանրամասնութիւններ չունիմ մօրս տխուր անցեալէն: Չէր ուզեր խօսիլ իր մանկութեան  դաժան տարիներուն մասին, իսկ մենք չէինք ուզեր, որ հարցումներով ան վերապրի իր տխուր անցեալը:

Տեղեակ էինք, որ մայրս Ամերիկա հաստատուած երկու զարմուհիներ ունէր` Սառա Գոբոյեան եւ Հելէն Սուքիասեան: Առաջինէն Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի շրջանին հայերէնով նամակներ կը ստանայինք:

Լոս Անճելըս հաստատուելնէս ետք աւելի հեշտ եղաւ մօրս եւ իր զարմուհիներու միջեւ կապ պահելը: Շատ յաճախ հեռաձայնային երկար խօսակցութիւն կ՛ունենային, եւ երբ նոր ընտանիք պիտի կազմէի, Հելէն Սուքիասեանը սիրով ընդառաջեց մեր հրաւէրին: Ներկայ գտնուեցաւ մեր պսակի արարողութեան եւ շաբաթ մը մնաց մեր քով ու վերադարձաւ իր ընտանիքին մօտ: Սառա Գոբոյեանը` «Սառա մօրաք»-ը, այդպէս կը կանչէինք զինք, նոյն շրջանին կը գտնուէր Քալիֆորնիա` իր երէց աղջկան մօտ, սակայն սրտի կաթուած մը անցուցած էր եւ տակաւին հիւանդանոցը գտնուելով` դժբախտաբար չկրցաւ ներկայ գտնուիլ:

Մայրս եւ իր զարմուհին` Սառան, տեղահանութեան տարիներէն ի վեր զիրար չէին տեսած, իսկ Հելէնը` Ամերիկա ծնած էր, եւ իրարու բնաւ չէին հանդիպած:

Մայրս եւ իր քոյրը ղրկուած էին Լիբանան: Սառան երկար տարիներ թափառած էր որբանոցէ որբանոց: Որոշ շրջան մը մնացած էր Յունաստան, ապա զինք փոխադրած էին Անգլիա, եւ այդ տարիներուն է, որ Ցեղասպանութենէ առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ պանդուխտ գացած հօրեղբայրը կարողացեր էր գտնել զինք եւ հակառակ իր նիւթական դժուար  պայմաններուն` տարեր էր իր մօտ, ուր Սառան, առաջին անգամ ըլլալով, ծանօթացած էր իր 10 տարեկան հօրեղբօր աղջկան` Հելէնին:

Տարիներ ետք Սառա Գոբոյեանը հիանալի գաղափարը ունեցած էր անգլերէնով գրի առնելու եւ հատորի մը մէջ մանրամասնօրէն նկարագրելու իր դժոխային ոդիսականը:

«God՛s Miracle in My Life»` այս է խորագիրը Սառա Գոբոյեանի հատորին:

Վերջերս գրադարանիս մէկ անկիւնը աչքիս զարկաւ այս հիանալի հատորը: Տարիներ առաջ կարդացած էի, սակայն յափշտակութեամբ վերստին կարդացի եւ որոշեցի անպայման թարգմանել հայերէնի: Ներկայիս, ժամանակի սղութեան պատճառով, պիտի բաւարարուիմ քանի մը հատուածներ թարգմանելով: Աւելի ուշ, երբ հանգստեան կոչուիմ, ծրագիրներուս ցանկին մէջ անպայման պիտի աւելցնեմ այս հիանալի գրքոյկին հայերէնի ամբողջական թարգմանութիւնը:

***

Ամերիկաբնակ զարմուհիները` Հելէն Սուքիասեանը եւ Սառա Գոբոյեանը, երկուքական աղջիկ զաւակներ ունին, որոնք օտար ամուսնութիւններ կնքած են:

Հայերէն քիչ կը հասկնան, սակայն բնաւ չեն խօսիր: Նոյնիսկ ճիգ չեն թափած իրենց ծնողներուն հետ քանի մը բառ հայերէն փոխանակելու:

Անոնց յարկերուն տակ մայրենի լեզուն կորսուած է, ինչպէս նաեւ ո՛չ մէկ հայկական սովորութիւն կամ աւանդութիւն կը կիրարկուի իրենց մօտ, մինչեւ իսկ մոռցուած է հայկական Ծնունդի թուականը, ինչպէս նաեւ` հայկական եկեղեցի յաճախելու սովորութիւնը: Դարձած են 100 տոկոս ամերիկացիներ:

Սառա մօրաքին երէց աղջիկը հաստատուած է Հարաւային Քալիֆորնիա եւ մեր բնակած շրջանէն մէկ ու կէս ժամ հեռու կ՛ապրի իր ընտանիքին հետ:

Լոս Անճելըս մեր նոր հաստատուած տարիներուն քանի մը անգամ իրարու տուն այցելեցինք: Ուրախ էինք նոր հարազատներ գտած ըլլալով, մանաւանդ` մայրս, որ իր չգիտցած անգլերէնով կը հետաքրքրուէր իր զարմուհիին աղջկան եւ թոռներուն մասին:

Վստահաբար իրենք եւս ուրախ էին հարազատներ գտած ըլլալով, սակայն մեր միջեւ կար կենցաղի հսկայ տարբերութիւն մը:

Իրենց համար միակ հաճելին հայկական եւ միջինարեւելեան ճաշացուցակն էր, սակայն հայկական սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն բոլորովին անծանօթ ըլլալով`  չկար հարազատի ջերմութիւն:

Հելէնին աղջիկներէն միայն մէկուն` Անահիտին հետ ծանօթանալու առիթը ունեցանք, երբ արձակուրդով Քալիֆորնիա եկած էր ամուսինին հետ:

Խոստացանք վերադառնալէ ետք իրարու հետ մեր կապը շարունակել: Սկիզբի շրջանին` քանի մը հեռաձայնային խօսակցութիւն, ապա այդ մէկն ալ մոռցուեցաւ: Մեր երկուքին ծնողները հեռացած են այս աշխարհէն, եւ որպէս երկրորդական զարմիկներ` որեւէ հարազատութիւն չէ մնացած:

Անահիտը եւ իր ամուսինը, տարիներ անզաւակ մնալէ էտք, որոշած էին քանի մը զաւակ որդեգրել: Ամուսինը օդաչու է եւ յաճախ կ՛այցելէ Չինաստան, եւ քանի մը տարուան տարբերութեամբ, որդեգրեցին չին 2 աղջիկներ: Չին զաւակները շատ հաւանաբար նոյնիսկ տեղեակ չեն իրենց որդեգիր մօր հայ ըլլալէն: Շատ հաւանաբար նոյնիսկ լսած չեն, թէ ազգ մը գոյութիւն ունի, որ կը կոչուի հայ:

Հայաստանի երկրաշարժի տարին էր, եւ շատ մը հայեր Գիւմրիէն ու Սպիտակէն հայ որբուկներ սկսած էին որդեգրել: Երբեմն կը մտածեմ, թէ չիներու փոխարէն` կարելի չէ՞ր քանի մը հայ որբեր ազատել: Հաւանաբար քանի մը կեանք փրկած ըլլային, սակայն իրենց որդեգիր մօր նման` անոնք եւս պիտի ձուլուէին ու դառնային ամերիկացիներ:

Երբ տղուս յայտնեցի չին «զարմիկներուն» մասին, նախ կարծեց, թէ կը կատակեմ, ապա բացատրեցի պատճառներն ու պայմանները` այդ «ազգականական» կապին, որուն բնաւ չհամոզուեցաւ:

Սառա Զաքարեանը (հետագային` Գոբոյեան),  տակաւին պարմանուհի, 6 ամսուան վիզայով մուտք գործած էր Ամերիկա եւ այդ պայմանաժամի աւարտին ստիպուած էր դուրս գալ Միացեալ Նահանգներէն:

Վերջնականապէս հոն մնալու միակ միջոցը ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունեցողի մը հետ ամուսնութիւն կնքելն էր, եւ իր հօրեղբայրը ստիպած է իրեն ամուսնանալ, որպէսզի կարենայ մնալ «կաթի եւ մեղրի երկիրը» (այդպէս ճանչցուած էր Ամերիկան):

Գիրքին այդ գլուխը նորութիւն մըն էր ինծի եւ վստահաբար շատերուն համար, եւ այդ պատճառով որոշեցի թարգմանել նախ այդ հատուածը, իսկ աւելի ուշ` գիրքը ամբողջութեամբ:

Յաջորդ յօդուածով` «Ամերիկա` կաթի եւ մեղրի երկիր» (Սառա Գոբոյեան):

Լոս Անճելըս, 2018

 

Նոր Պատում . Քաղաքական Ձախողութիւնը Մեր Երեւակայութեան Ձախողումն Է

$
0
0

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

Միթէ խելամի՞տ է այս օրերուն յուսալ եւ երազել աւելի լաւ աշխարհ: Ուսումնասիրեցէք իշխանութիւններուն դաժանութիւններն ու անտարբերութիւնը, ընդդիմադիր կուսակցութիւններու անտարբերութիւնը,  ամէն մարզի մէջ խախտումները եւ ակնյայտ ու անխուսափելի վայրէջքը, պատերազմի վերսկսման սպառնալիքը, եւ թերեւս, պատասխանը ըլլայ` ո՛չ:

Այս պայմաններուն տակ հայ մարդուն համար մեր խնդիրները կարծես թէ անհասկնալի են, մեր ղեկավարները վտանգաւոր են. հայ  քաղաքացին խոնարհած է եւ` շփոթի մատնուած:  Յուսահատութիւնը կարծես միակ տրամաբանական արձագանգն է:

Բայց վերջին երկու տարիներուն ընթացքին ըրած եմ քանի մը դիտարկումներ, որոնք կը  բացայայտեն այն, որ  քաղաքական ձախողութիւնը, ըստ էութեան, մեր երեւակայութեան ձախողութիւնն է: Այդ դիտարկումները ինծի կը յուշեն, որ յուսահատութիւնն է, որ անտրամաբանական է, եւ  ոչ թէ` յոյսը: Կը կարծեմ, որ յոյսը աւելի լաւ ուղի կը բանայ մեր առջեւ:

Առաջին դիտարկումը ամէնէն ոչ ինքնատիպն է. կը խօսիմ այն հասկացողութեան մասին, որ ուժեղ առաջնորդներ կամ կուսակցութիւններ չեն, որ կը տիրապետեն  քաղաքականութեան, այլ միայն  հզօր քաղաքական պատումները` political narratives:

20-րդ դարու երկրորդ կէսին քաղաքական պատմութիւնը կրնանք ամփոփել որպէս  երկու մեծ «պատումներու» միջեւ հակամարտութիւն. մէկ կողմէ  ընկերվարական ժողովրդավարութեան պատմութիւնը` հակադրուած  նոր-ազատականութեան (նէոլիպերալիզմ) պատմութեան: Առաջինը, յետոյ միւսը  հերթով գրաւեցին քաղաքական վերնախաւին միտքերը: Երբ ընկերվար-ժողովրդավարութեան պատմութիւնը կը գերակշռէր, նոյնիսկ պահպանողականները եւ ազատականները ընդունեցին ծրագիրի հիմնական տարրերը: Յետոյ, երբ 80-ական թուականներէն սկսեալ  նոր-ազատականութիւնը եկաւ հրապարակ`  փոխարինելու միտքերը, քաղաքական կուսակցութիւնները ամէնուր, անկախ իրենց գոյնէն, ինկան անոր հմայքին տակ: Անոր պատմութիւնները  եկան գերակշռելու  ամէն մակարդակի պատումի  մէջ` ե՛ւ անհատին, ե՛ւ ինքնութեան, ե՛ւ կուսակցութեան:

Սա պէտք չէ զարմացնէ մեզ: Պատումը այն միջոցն է, որով մենք նաւարկելու ենք աշխարհը: Անոնք թոյլ կու տան մեզի  մեկնաբանելու  աշխարհի բարդ եւ հակասական ազդանշանները: Մենք բոլորս ունինք պատումի  բնազդ: Մենք ունինք բնածին պահուածք` ըսելու համար, թէ ո՛վ ենք մենք եւ ո՛ւր կանգնած ենք:

Երբ մենք կը բախինք բարդ խնդիրի մը եւ կը փորձենք հասկնալ զայն, ապա ինչ որ կը փնտռենք, ոչ թէ  հետեւողական եւ վստահելի փաստեր են, այլ կը փնտռենք  հետեւողական եւ հասկնալի պատմութիւն մը: Երբ մենք մեզի կը հարցնենք, արդեօք ինչ-որ բան «իմաստ ունի՞», մենք կը ձգտինք ոչ թէ «իմաստ»-ի տրամաբանականութեան, այնպէս, ինչպէս որ գիտնականներն ու փիլիսոփաները կ’ընկալեն,  այլ  կ՛ուզենք գտնել պատումային հաւատարմութիւն: Արդեօք այս պատումը կ՛արտացոլացնէ՞ մեր ներաշխարհի ակնկալութիւնները` բացատրելու համար մարդոց եւ աշխարհի վարքն ու ընթացքը:

Պատումն ու ակնկալութիւնը իրարու հետ կապ ունի՞ն: Արդեօք այնտեղ յառաջխաղաց կա՞յ, քանի որ պատումները պէտք է մնայուն կերպով յառաջընթաց ունենան:

Փաստերը, սակայն, որքան որ ալ հաւաստի ըլլան, չեն կրնար շտկել կամ վերացնել հզօր պատում մը: Միակ բանը, որ կրնայ պատահիլ  եւ արդէն կը պատահի,  վրդովմունքի յառաջացումն է. մարդիկ յաճախ անհասկնալիօրէն կը ժխտեն այն փաստերը, որոնք կը բախին  իրենց միտքերուն մէջ ձեւաւորուած պատումային  «ճշմարտութեան» հետ: Միակ բանը, որ կրնայ հին պատումը  հեռացնել, նոր պատումն է: Անոնք, որոնք կրնան նորապատել, անոնք կը տիրեն աշխարհին:

Իմ երկրորդ` աւելի հետաքրքրական դիտողութիւնս  ասիկա է: Հակառակ ընկերվար-ժողովրդավարութեան եւ նոր-ազատականութեան միջեւ առկայ տարբերութիւններուն` երկու կողմերու պատումները նման են  իրարու, երկուքին պատումները  ունին նոյն պատմողական կառուցուածքը: Մենք կրնանք զայն անուանել  վերակառուցման պատմութիւն (Restoration Story):

Այսպէս, պատումը կ՛ըսէ` անկարգութիւնը կը տիրապետէ երկրին-աշխարհին` մարդկութեան շահերու դէմ աշխատող ուժեղ եւ չար ուժերու պատճառով: Հերոսը, որ կրնայ ըլլալ մէկ անձ կամ մարդոց խումբ մը, կ՛ապստամբի այս անկարգութեան դէմ,  կը պայքարի  չար ուժերուն դէմ  եւ կը յաղթահարէ հակառակորդին գերազանցութիւնը եւ, վերջապէս, կը վերականգնէ նոր կարգն ու օրէնքը:

Այս օրինաձեւին հետեւող պատումները կրնան այնքան հզօր ըլլալ, որ անոնք կրնան սրբել ու մաքրել նախորդ բոլոր պատումները, նոյնիսկ կը  վերացնեն մեր հիմնական արժէքները: Օրինակ` աշխարհի լաւագոյն եւ սիրելի պատմութիւններէն երկուքը` «Օղակներու տէրը» եւ «Նարնիա» շարքը, կը վերակոչեն արժէքներ, որոնք ընդունելի էին միջնադարուն, սակայն այսօր, ընդհանուր առմամբ, կը համարուին վանողական եւ խորշելի: Այս պատմութիւններուն մէջ  անկարգութեան վերացումը խորքին մէջ կը բնորոշուի թագաւորներու կամ  անոնց իրաւայաջորդ ժառանգորդներու  բռնատիրական կարգի օրինական վերահաստատումով. արդարութիւնը եւ կարգը հիմնուած են բռնատիրութեան վերականգման վրայ, իսկ մենք ուրախութեամբ  կ՛ընդունինք եւ կը ծափահարենք բռնատէրի վերադարձը` ի գին երկրի ոչնչացման. նոյնիսկ Նարնիայի պարագային  կը ծափահարենք եւ կ՛ողջունենք աստուածային իրաւունքի յաղթանակը աշխարհիկ իշխանութեան վրայ:

Եթէ այդ պատմութիւնները արտացոլացնէին սովորական մարդոց մեծամասնութեան արժէքները` ժողովրդավարութինը, անկախութիւնը, արդիւնաբերական «յառաջընթացը», ապա ապստամբները պէտք էր որ ըլլային հերոսները, իսկ  թագաւոր-ղեկավարները` չարերը: Հետաքրքրական է, որ մենք առանց մտածելու` կ՛անտեսենք մեր առաջնահերթութիւններու հետ այս բախումը,  քանի որ այդ պատմութիւնները այնքա՜ն ուժեղ կը համընկնին  մեր միտքերու մէջ միշտ առկայ վերը նշած պատումիս կառոյցին հետ: Եւ այսպէս, փաստեր, ապացոյցներ, արժէքներ, համոզմունքներ` բոլորը կը վերանան: Պատումները կը նուաճեն ամէն ինչ:

Նոյն օրինակով, ընկերվարական- ժողովրդավարական գաղափարախօսութեան  պատումը կը բացատրէ, որ աշխարհը անկարգութեան մէջ ինկած է` անզուսպ եւ ինքնասէր վերնախաւին վարքին պատճառով: Ըստ այդ պատումին, վերնախաւին կողմէ աշխարհի հարստութեան եւ քաղաքական համակարգի գրաւումը կը յանգեցնեն աշխատող մարդոց աղքատութեան եւ անապահովութեան: Համախմբուելով` իրենց ընդհանուր շահերը պաշտպանելու համար, աշխարհի ժողովուրդները կրնան վար բերել այս վերնախաւի իշխանութիւնը, վերատիրանալ անոնց նենգ ձեռքբերումներուն եւ ապա հարստութիւնը  վերադարձնել բոլորին:  Միաժամանակ կը վերականգնին կարգն ու կանոնը,  կը վերադառնայ անվտանգութիւնը` շնորհիւ պետութեան, որուն հիմնական դերակատարութիւնը կ՛ըլլայ հասարակական, բարենպաստ, հանրային նախագիծներու ճամբով, ներդրումներ կատարելով` ստեղծել հարստութիւն, որ կ՛երաշխաւորէ բարգաւաճ ապագայ բոլորին համար:

Սովորական մարդիկ այս պատմութեան հերոսներն են, որոնք պարտութեան կը մատնեն ճնշողները:

Նոր-ազատականութեան պատումը կը բացատրէ, որ աշխարհը անկարգութեան մէջ է ինկած  գերիշխող պետութեան համայնացնող միտումներուն պատճառով, օրինակ` ստալինականութեան եւ նացիականութեան հրէշաւոր երեւոյթները, սակայն նաեւ ակնյայտ է պետական ծրագրաւորման բոլոր ձեւերու եւ ընկերային ճարտարագիտութեան բոլոր փորձերու ընդմէջէն: Համայնացումը կը ճզմէ ազատութիւնը, անհատականութիւնը ու նաեւ` հնարաւորութիւնը: Ուրեմն հերոսները` ձեռնարկատէրերը, կը խթանեն  շուկայի փրկարար ուժը` ազատելու համար  հասարակութիւնը պետութեան  ստրկութենէն: Կարգն ու կանոնը կը վերականգնի ազատ շուկայի տեսքով, կը խոստանայ  հարստութիւն եւ հնարաւորութիւն, կ՛ապահովէ բարեկեցիկ ապագայ բոլորին համար: Պատմութեան հերոսներու (ազատութիւն փնտռող ձեռնարկատէրեր) կողմէ ազատագրուած սովորական մարդիկ կը յաղթեն ու կը վերացնեն ճնշողները:

Անցնինք երրորդ դիտարկման. վերականգման պատմութեան պատումային կառուցուածքը յաջողած քաղաքական վերափոխումներու ամենահասարակ տարրերէն մէկն է, ներառեալ` բազմաթիւ կրօնական յեղափոխութիւններ:

Այս անխուսափելիօրէն կը յանգեցնէ չորրորդ դիտարկման. թէ` ինչո՞ւ, հակառակ անոր բազմաթիւ եւ ակնյայտ ձախողութիւններուն, մենք կը կարծենք, որ մնացած ենք գերեվարուած նոր-ազատականութեամբ. պատճառը այն է, որ մենք չենք կրցած պատրաստել ու  արտադրել նոր պատում մը` փոխարինելու համար  հայկական իրականութեան մէջ տիրող նոր-ազատականութիւնը:

Մենք  չենք կրնար վերացնել մէկու մը պատմութիւնը` առանց անոր տալու նորը: Բաւական չէ հին պատումը մերժել, վիճարկել, որքան որ ալ այդ հին պատումը վարկաբեկուած  ըլլայ: Փոփոխութիւնը կը կատարուի միայն այն ժամանակ, երբ հինը կը փոխարինես միւսով: Երբ մենք զարգացնենք ճիշդ պատումը եւ սորվինք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է զայն պատմել, միայն այն ատեն մեր պատումը կը խախտէ մարդոց քարացած միտքը քաղաքական լուսապատկերի ամբողջ երկայնքին:

Սակայն այսօր քաղաքական կուսակցութիւններու լաւագոյն առաջարկը մնացորդ մըն է` Քէյնսեան ընկերային ժողովրդավարութեան առաջարկի տաքցուած տարբերակ մը: Այս մօտեցումին առնչուած շարք մը խնդիրներ կան: Առաջինը այն է, որ այս հին պատմութիւնը կորսնցուցած է իր բովանդակութեան եւ պատմողական ուժին մեծ մասը: Այն, ինչ որ մենք այժմ կը կոչենք Քէյնսեան, կրճատուած է, ընդամէնը ունի երկու բարակ գլուխներ.

Ա.- Նուազեցնել տոկոսադրոյքները, երբ տնտեսութիւնը լարուած է,

Բ.- Օգտագործել հակասիկլային հանրային ծախսերը (հանրային փող ներթափանցելով  տնտեսութեան մէջ, երբ գործազրկութիւնը բարձր է կամ ընկրկումը կը սպառնայ): Այլ միջոցառումներ, ինչպիսիք են հարկերու բարձրացումը, երբ տնտեսութիւնը կ՛արագանայ, ճշդուած փոխարժէքի համակարգը, դրամագլուխի վերահսկողութիւնը եւ հաւասարակշիռ դրամատնային համակարգը, որոնք բոլորը Ճոն Մէյնարտ Քէյնսը կը համարէր իբրեւ լրացուցիչ յաւելումներ, հիմա վերացուած եւ մոռցուած են:

Առանց նոր եւ առաջնորդող պատումի,  պատմութեան, որ կը թոյլատրէ մեր հայեացքը պահել` սեւեռած դէպի աւելի լաւ ապագայ եւ ոչ  թէ աւելի լաւ անցեալ, անխուսափելի էր, որ մեր  կուսակցութիւնը, որ կը  ձգտի  դիմակայել հարուստ վերնախաւի իշխանութեան, կը կորսնցնէ իր ուղղութիւնը: Քաղաքական նորացումը կախուած է մեր  նոր քաղաքական պատմումէն: Առանց նոր պատումի` դրական եւ առաջադրական պատումի մը, այլ ոչ թէ` յետընթաց եւ ընդդիմադիր, ոչինչ կը փոխուի: Նոր  պատումով ամէն ինչ կը փոխուի:

Մենք պիտի կառուցենք նոր պատում մը, որ պարզ է եւ հասկնալի: Եթէ անիկա պիտի  փոխէ մեր քաղաքականութիւնը, ապա պէտք է «խօսի» կարելի եղածին չափ շատ մարդոց` կտրել անցնելով աւանդական քաղաքական գիծերը: Անիկա պէտք է արձագանգէ խորը կարիքներու եւ ցանկութիւններու հետ: Անիկա պէտք է բացատրէ խառնաշփոթը, որ կը  տիրապետէ մեր շուրջ, ցոյց տայ այդ խառնաշփոթէն փախչելու ճամբան: Եւ քանի որ կեղծիքներու տարածումը շահաբեր չէ ոեւէ մէկուս համար, անիկա պէտք է հիմնաւորուած ըլլայ իրականութեան վրայ:

Ասիկա կրնայ հնչել անհեթեթ ու անհասանելի: Բայց կայ, կը հաւատամ, յստակ եւ գրաւիչ վերականգման պատմութիւն, որ պէտք է բարձրաձայնել:

 

 

 

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 100-ամեակին Նուիրուած Արամ Ա. Կաթողիկոսին Կոնդակը

$
0
0

Ազատ ու անկախ ապրելու տենչը եւ կամքը, նո՛յնիսկ իմացեալ մահով, հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ամէնէն յատկանշական երեւոյթներէն մէկը դարձած է` Հայկ նահապետէն սկսեալ: Հարուստ է մեր պատմութիւնը բռնակալութեան դէմ հերոսական մարտնչումներով:

Այսպէ՛ս եղաւ 28 մայիս 1918 թուականը մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ, երբ հայ ժողովուրդը, բոլոր ժամանակներու Վարդան Մամիկոնեաններու ու Ղեւոնդ Երէցներու հաւատքով թրծուած եւ վճռակամութեամբ զինուած, վերահաստատեց ինքնուրոյն պետականութեամբ իր հայրենի հողին վրայ ազատօրէն ապրելու իր հաւաքական կամքը: Ճշդորոշիչ նշանակութիւն ունեցող դարձակէտ մըն է մայիս 28-ը` Կիլիկեան թագաւորութեան անկումէն յետոյ (1375), օտար ուժերու ենթակայ դարձած հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Նախախնամական ի՜նչ տնօրինութիւն. երբ տակաւին քանի մը տարիներ առաջ, Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի կ՛ունենար Հայոց ցեղասպանութիւնը, Երեւանի մէջ կը բարձրանար հայ ժողովուրդի անկախութեան դրօշը` Եռագոյնը…:

Դիւրին չեղաւ մայիս 28-ով խորհրդանշուող Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հաստատումը: Արդարեւ, Համաշխարհային Ա. պատերազմին թողած վէրքերը չդարմանուած, Ռուսիոյ մէջ տեղի կ՛ունենար Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնը (1917), որուն իբրեւ հետեւանք ռուսերը կը հեռանան Կովկասէն` առանձին ձգելով հայերը Թուրքիոյ դիմաց: Արտաքին ճակատին վրայ, Հայաստանը շրջապատող պայմանները ու շրջանին առնչուած աշխարհաքաղաքական շահերը ի նպաստ մեզի չէին: Ներքին ճակատի վրայ, դիւրաբեկ էր Հայաստանը եւ չունէր կազմակերպուած բանակ ու առողջ տնտեսութիւն:

Ահա այս կացութեան մէջ թրքական բանակը կը սկսի շարժիլ Երեւանի ուղղութեամբ: Հայկական փոքր բանակով փաստօրէն դժուար էր պաշտպանել Սեւ ծովէն մինչեւ Վասպուրական երկարող ռազմաճակատը: Հայ ժողովուրդը կը գտնուէր նոր Աւարայրի մը դիմաց: Վճռադրոշմ այս պահուն, Արամ Մանուկեան կը հռչակուի գերագոյն ղեկավար: Մեր ողջ ժողովուրդը, մեծ թէ փոքր, հոգեւորական թէ աշխարհական, մտաւորական թէ շինական, կ՛ընդառաջէ Արամի կոչին եւ Ղարաքիլիսայի, Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի մէջ կը կռուի «Ազատութիւն կամ մահ» նշանաբանով ոգեզինուած, հայրենիքի անկախութեան համար արիւն թափելու գիտակից յանձնառութեամբ: Երեւանի դռներուն առջեւ տեղի ունեցած այս ճակատագրական ճակատամարտէն յաղթական դուրս եկած հայ ժողովուրդը կը հռչակէ իր հայրենիքի անկախութիւնը:

Պատմական Հայաստանի փոքր հողաշերտին վրայ ծնած Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դիմագրաւէ լուրջ տագնապներ. ամէնուրեք գաղթականներ ու որբեր, սով ու համաճարակ, եւ` ո՛չ մէկ արտաքին օգնութիւն: Հակառակ նորանկախ Հայաստանը շրջապատող ներքին ու արտաքին ահաւոր դժուարութիւններուն, երկիրը աստիճանաբար կ՛ունենայ իր խորհրդարանը, կառավարութիւնը, դատական իշխանութիւնը եւ բանակը. կը ճշդուի հանրապետութեան Եռագոյն դրօշը, կը հնչէ «Մեր հայրենիք»-ը, եւ Հայաստանը կ՛ունենայ միջազգային ճանաչում:

Հայաստանի անկախութեան կերտումին մէջ նշանակալից դեր կ՛ունենայ հայ եկեղեցին: Գարեգին վրդ. Յովսէփեան (ապա կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ 1943-52) մասնակից կը դառնայ Սարդարապատի կռիւներուն` իր հրաշունչ քարոզներով քաջալերելով մեր զինուորները: Գէորգ Ե. Ամենայն հայոց կաթողիկոս կոչ կ՛ուղղէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն` «յոյս չդնել օտարի վրայ» եւ ի մի խմբել «մեր ազգային բոլոր կարողութիւնները`… ի փառս ազատ հայրենիքին»: Սահակ Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, տառապանքի ճիրաններուն մէջ տուայտող Կիլիկեան աշխարհէն իր աղօթքը կը բարձրացնէ առ Աստուած` աղաչելով, որ «Տաւրոսը Մասիսին կապող եւ հայ արիւնով գեղազարդուած ծիածանը ի սփիւռս աշխարհի ցրուած հայութեան համար ըլլայ Աւետեաց երկիրը, ամբողջական եւ անկախ Հայաստան առաջնորդող հրեղէն սիւնը»: Յ. Թումանեան, մտաւորականութեան թարգմանը հանդիսանալով, կը բացագանչէ` «արդէն իրականութիւն է երէկուայ մեր երազը. ազատ է Հայաստանը, ամբողջ աշխարհի կողմից ճանչցուած ինքնուրոյն հանրապետութիւն է նա, իր Եռագոյն դրօշով կանգնած միւս պետութիւնների շարքում»:

Ցեղասպան Թուրքիան կը շարունակէ իր սուրը ճօճել Հայաստանի ուղղութեամբ: Զանազան ճակատներու վրայ յաջորդական յարձակումներ, տնտեսական պաշարում ու դիւանագիտական ճնշում կը սկսին մաշեցնել Հայաստանի ներուժը: Ռուսիայէն ակնկալուած զինուորական ու տնտեսական օժանդակութիւնը չ՛իրականանար: Սեւրի դաշնագիրի (օգոստոս 10, 1920) ստորագրութեամբ Հայաստանի առջեւ բացուած յուսալից հորիզոնները շուտով կը մթագնին: Հայաստանը կը մնայ, ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետը Ս. Վրացեան կ՛ըսէ` «պոլշեւիկեան մուրճի եւ թրքական սալի միջեւ»:

Պատմութեան մէջ կան ճակատագրական պահեր, որոնց դիմաց հարկ է հեռու մնալ արկածախնդրական մօտեցումներէ ու կողմնակի նկատումներէ եւ ճի՛շդ կողմնորոշում որդեգրել` մեկնելով ազգին ու հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն: Արդարեւ, առճակատում Խորհրդային Միութեան հետ կրնար կործանումի առաջնորդել Հայաստանը. հայրենիքի փրկութիւնը ամէն բանէ վե՛ր էր: Վտանգալից այս պայմաններուն մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումը (2 դեկտեմբեր 1920), ամբողջատիրական վարչակարգին ծանր ու դառն հետեւանքները կրելով հանդերձ, ճի՛շդ ճանապարհն էր:

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Փետրուարեան ժողովրդային ապստամբութիւնը (1921)` համայնավար բռնատիրական վարչակարգին դէմ, առիթ կու տայ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ապրիլ 24-ը յիշեցնող ձերբակալութիւններու, աքսորի ու մահուան®: Ժողովրդային ճնշումին տակ Հայաստանէն հեռացած համայնավար իշխանութեան տեղ Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը ստանձնած «Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէն» չէր կրնար փրկել անպաշտպան մնացած եւ սովի ու համաճարակի մատնուած հայրենիքը:

Ապրիլ 2, 1921-ին Կարմիր բանակը կը քալէ դէպի Հայաստան: Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին ղեկավարները կը հեռանան Հայաստանէն` իրենց հետ տանելով անկախ հայրենիքի եռագոյնը, սփիւռքի մէջ շարունակելու Հայաստանի անկախութեան գաղափարական պայքարը:

Մարդկային դարաւոր պատմութիւնը կը վկայէ, թէ վարչակարգերը ժամանակաւոր են, որքան ալ զօրեղ յենարաններ ունենան. յաւերժական են ազգերը` իրենց հայրենիքով ու մշակոյթով: Համայնավար վարչակարգը չկրցաւ սպաննել անկախութեան գաղափարը հայրենի ժողովուրդին կեանքին մէջ. իսկ սփիւռքի մէջ իր բաժանարար քաղաքականութեամբ չկրցաւ մարել յոյսը անկախութեան ու նսեմացնել ամբողջական Հայաստանի` ամբողջական հայութեամբ տեսլականը: Եւ այսպէս, 28 մայիս, 1918-ին ստեղծուած Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը եւ 2 դեկտեմբեր 1920-ին պայմաններու պարտադրանքով վարչաձեւի փոփոխութեան ենթարկուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, 21 սեպտեմբեր 1991-ին կը վերահաստատէ իր անկախութիւնը: Անկախութիւնը սրբազան արժէք է, ու զայն կերտողը ու պաշտպանողը ժողովո՛ւրդն է: Հետեւաբար, Հայաստանի անկախութիւնը գաղափարական ու քաղաքական մօտեցումներէ ու տարբերութիւններէ վե՛ր պէտք է մնայ: Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն ու համաշխարհային տագնապալից պայմաններուն մէջ ստեղծուած Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը համահայկական խորունկ նշանակութիւն ունի: Այս ենթահողին վրայ հարկ է արժեւորել ու նշել 100-ամեակը այս պատմական դէպքին:

Կովկասը միշտ եղած է լեցուն ներքին առճակատումներով եւ ենթակայ` հեռաւոր թէ մօտաւոր ուժերու աշխարհաքաղաքական շահերուն ու դիրքորոշումներուն: Կորսնցուցինք Հայաստանի առաջին անկախութիւնը` մեր շուրջը փչող զօրեղ քամիներուն հետեւանքով: Այսօր եւս Կովկասը կը գտնուի նո՛յն կացութեան մէջ: Հետեւաբար, զգո՜ւշ, ժողովուրդ հայոց, ճի՛շդ կարդանք «ժամանակի նշանները». չհեռանանք հայրենի հողէն, հաւատարիմ մնանք հայրենիքի անկախութիւնը իրենց արիւնով կերտած մեր հին թէ նոր հերոսներու սրբազան կտակին. հզօրացնենք Հայաստանը իր բանակով, տնտեսութեամբ ու միջազգային դիւանագիտական կապերով: Հայաստանի ու Արցախի պետականութեան ամրացումը ու անկախութեան ամրապնդումը հիմքն են մեր ազգային պահանջատիրութեան ու երաշխիքը` մեր ազգի պայծառ ապագային:

Արդ, 1 յունուար 2018-ին, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակի սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Հայրապետական սրբատառ կոնդակով կոչ կ՛ուղղենք.-

– Մեր թեմերուն` Հանրապետական մաղթանքի կատարումով, հրապարակային հանդիսութիւններով եւ այլազան ծրագիրներու իրագործումով, հանդիսաւոր կերպով նշելու այս կարեւոր թուականը մեր ժամանակակից պատմութեան:

– Մեր կազմակերպութիւններուն` միասնական ոգիով ու ժողովրդային լայն մասնակցութեամբ ու զանազան ձեռնարկներու ճամբով, արժեւորելու պատմական այս դէպքը հայ կեանքին մէջ:

– Մեր կրթական կառոյցներուն` հայակերտումի մեր ճիգին մէջ յատուկ կարեւորութեամբ շեշտելու անկախութեան իմաստը, որպէս ամուր հիմքը մեր հայրենիքի հզօրութեան ու ազգին յաւերժութեան:

– Մեր մտաւորականներուն` աշխատասիրութիւններու ու դասախօսութիւններու ճամբով վերլուծելու եւ վերարժեւորելու առաջին Հանրապետութեան դերը` Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, անկախութեան ոգիին ու տեսլականին արծարծ պահպանման եւ Հայաստանի երկրորդ անկախութեան ստեղծման մէջ:

– Մեր ժողովուրդի զաւակներուն` 100-ամեակին առիթով` կարդալով, լսելով ու զանազան ձեռնարկներուն մասնակցելով, լայն ծանօթութիւն ունենալու Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան մասին եւ անդրադառնալու անկախութեան եզակի կարեւորութեան մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Պէտք է հաւատարիմ մնալ արիւնով ու քրտինքով կերտուած հայրենիքի անկախութեան ու զայն պաշտպանել ամէ՛ն գնով: Ա՛յս է պատգամը Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին: Անկախութեան ճանապարհին արիւն թափողները հերոսներ ու նահատակներ են: Հետեւաբար, եկէք խոնարհի՛նք Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ստեղծման ու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ մայիս 28-էն մինչեւ այսօր, Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի անկախութեան համար պայքարած, ծառայած ու նահատակուած մեր բոլո՛ր յայտնի թէ անյայտ հերոսներուն անմեռ յիշատակին առջեւ:

Ողջ լերուք ի Տէր, զօրացեալք շնորհօք Ս. Հոգւոյն եւ յաւէտ օրհնեալ ի Մէնջ: Ամէն:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Տուաւ կոնդակս ի Կաթողիկոսարանիս
Ի դուռն Մայր Տաճարիս Սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին
Որ յԱնթիլիաս, Լիբանան
Ի 1-ն յունուարի, 2018 թուին Քրիստոսի, եւ
Ի թուին Հայոց ՌՆԿԷ.
Ընդ համարաւ Վ/ՆԿԷ.

Ակնարկ. «Ձիթենիի Ճիւղ»-ի Արտօնուած Ծլարձակումները

$
0
0

«Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը պատերազմական ոճի կայծակնային բռնկումով կամ յանկարծակիութեան գործօնով չէ բնութագրուած: Երկար ատենէ ի վեր նախապատրաստութիւն, զօրքերու կուտակում, ազդանշանի յայտարարութիւն, նպատակի բանաձեւում եւ ապա նոր ներխուժման քայլեր:

Որքան ալ լարուած իրավիճակի կապուելով սպասելի ըլլայ հակամարտութիւններու պարագային ռազմական բախումներու մեկնարկը, այնուամենայնիւ հակառակորդը անակնկալի բերելու եւ գործողութիւնները մետասաներորդ պահուն սկսելու գործնականութիւնը բազմիցս դրսեւորած է ինքզինք տարբեր միջավայրերու մէջ եւ տարբեր ժամանակներու ընթացքին:

Աֆրինի ուղղութեամբ Անգարայի առած քայլը ո՛չ միայն հեռու է յանկարծակիութեան գործօնի տեսութենէն, այլեւ նախքան մեկնարկը այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, որ  թիրախին առընթեր կ՛ուզէ ուշադրութիւնը գրաւել համայն աշխարհին, կամ աւելի ճիշդը` միջազգային հանրային կարծիքին:

Սուրիական պատերազմի ապրած անդադար ձեւափոխումներուն հերթական արարն է, որ տեղի կ՛ունենայ` ռազմական գործողութիւնները տեղափոխելով թուրք-քրտական հակամարտութեան հարթութիւն:

Այս երկարատեւ նախապատրաստութիւնը անշուշտ միայն ռազմական ոլորտի եւ զինուժի կուտակման չի վերաբերիր: Զուգահեռ, կար ներխուժումը համաձայնեցնելու խնդիր տարբեր կողմերու հետ: Իսկ քաղաքական նախապատրաստութիւնը «Ձիթենիի ճիւղ»-ին հետեւեալ դիտակէտերուն շուրջ կը զարգացնէ վերլուծական փորձը:

Դամասկոս-Անգարա յայտարարողական հարթութեան վրայ արձանագրուած ելեւէջներու վերջին փուլը թշնամական ոճաբանութեան վերադարձով յատկանշուած էր: Անգարան կը վերյիշեցնէր Ասատի վարչակարգի տապալման նախապայմանականութիւնը, մինչ պաշտօնական Դամասկոսը կ՛ազդարարէր, որ անհետեւանք պիտի չմնայ Անգարայի կողմէ սուրիական տարածքներու ուղղութեամբ կատարուած որեւէ զինուորական ոտնձգութիւն:

Բնականաբար Դամասկոսի հակահարուածի կանաչ լոյսը պիտի գար Սուրիոյ մէջ տեղակայուած ռուսական զօրաբանակի հրամանատարութենէն: Իսկ այստեղ կը շարունակուի արդէն քաղաքական իրադրութիւններու շղթայական կապի տրամաբանութիւնը: Սպառնալիքի յայտարարութիւնը ռազմական գործնականութեան վերածելը կամ ձեւական հակահարուածէն ուղղակի հակայարձակողականի անցնիլը (կամ չանցնիլը) կը նախագծէին խաղի կանոններու ընդհանուր սահմանները:

«Ձիթենիի ճիւղ»-ը թոյլատրուած գործողութեան  դաշտի մէջ դիտարկելի երեւոյթ է, այն առումով, որ Սուրիոյ մէջ տեղակայուած այլ գլխաւոր խաղացողի` Թեհրանի նախազգուշացումները կամ այս առիթով դրսեւորուած անհանգստութիւնը զուսպ է եւ ըստ էութեան չ՛արգելակեր կամ չի կանխարգիլեր ներխուժման իրականացումը:

Մինչ Ուաշինկթըն, Սուրիոյ քիւրտերուն նկատմամբ կ՛որդեգրէ Իրաքի քիւրտերուն ուղղութեամբ որդեգրած դիրքորոշումներու յարափոփոխ  նման պահուածք: Որոշ, սահմանափակ կտրուածքով արտօնել քիւրտերուն խաղաթուղթի կարգավիճակ ձեռք բերելու գործընթացները:

Հակաահաբեկչական պայքարի միջազգային կարգախօսի եւ նորաձեւ եզրերու որդեգրումով Անգարան կը փորձէ միջազգային հանրութիւնը համոզել, որ մարդկութեան դէմ լուրջ սպառնալիքի դէմ պատերազմն է, որ կը մղէ:

Ճիշդ է, որ քրտական գործօնի սահմանափակման համար շահերու համատեղման կէտեր կ՛երեւին ձիթենիի ճիւղերու արտօնուած ծլարձակումներուն մէջ: Աւելի վերէն օգտագործուած մանրադիտակային տեսողութիւնը կը նշմարէ, որ սահմանափակ շրջագիծեր կան նաեւ Անգարայի շարժումներուն համար եւ թոյլտուութիւն պահանջող քայլեր: Որոնց շարքին նաեւ «Ձիթենիի ճիւղ»-ը:

«Ա.»

Տէրեանի Նամակը Սոնա Օթարեանին

$
0
0

Աղբիւրը՝ arfd.am

1906 9/1 Ալեքսանդրապոլ

1920 թուականի յունուարի 7-ին, հեռաւոր Օրենպուրկում, մահկանացուն կնքեց հայ մեծ բանաստեղծ Վահան Տէրեանը: Կեանքի մեծ մասը անցկացնելով հայրենի եզերքից հեռու` Տէրեանը մշտապէս ապրեց հայրենիքով, իրականացրեց աշխուժ ազգային-հասարակական եւ քաղաքական գործունէութիւն: Կարելի է յիշել թէկուզ այն փաստերը, որ նա 18-19 թուականներին եղել է պոլշեւիկեան Ռուսաստանի Ազգութիւնների գծով ժողովրդական կոմիսարի տեղակալը, մասնակցել է Պրեսթ Լիթովսքի բանակցութիւններին, մասնակցել է «Թուրքահայաստանի մասին դեկրետի» կազմման աշխատանքներին` կատարելով անմիջականօրէն Լենինի յանձնարարութիւնը:

Տէրեանը պոլշեւիկեան կուսակցութեանը յարեց Ռուսաստանում վերջիններիս յաղթանակից յետոյ` այս եւ իրականացրած միւս քայլերով փորձելով օժանդակել Հայկական հարցի լուծմանը: Բայց տեղի ունեցաւ հակառակը եւ, Թումանեանի լեզուով ասած, «հին ցարին փոխարինած նոր ընկերից» հիասթափուած` պաշտօնից հեռացուած հիւանդ գործիչը առողջութեան համար անյաղթահարելի գործուղման մեկնեց Թուրքմենիա, որի ճանապարհին էլ կնքեց մահկանացուն:

1905-1906 թուականների հայ-թաթարական ընդհարումների ժամանակ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ողջ Անդրկովկասում ոչ միայն ինքնապաշտպանութիւն էր կազմակերպել, այլեւ ծաւալել էր լայն քարոզչական-ցուցական գործողութիւններ` գործադուլներ, ցոյցեր եւ այլն: Երիտասարդ դաշնակցական Տէրեանը 1906 թուականին, որպէս «փրոփականտիսթ» քարոզչական աշխատանքներ է իրականացրել Շիրակի դաշտավայրում: Ներկայացուող նամակը գրուել է հէնց այս օրերին, Ալեքսանդրապոլում:

Սոնա՛,

Նորերս ձեզ մի նամակ ուղարկեցի, այժմ ուզում եմ մի քիչ ընդարձակ խօսել: Վերջերս այդ անիծեալ գործադուլը մեր նամակագրութիւնն էլ դադարեցրեց: Ճեմարանում էլ ուսումը դադարեց, եւ ես եկայ Կովկաս: Թիֆլիսում մտայ Դաշնակցութեան կազմակերպութեան մէջ` իբրեւ փրոփականտիսթ: Ուզում էին այնտեղ թողնել բանուորների մէջ փրոփականտ անելու, բայց չմնացի: Մակինցեանը մօտս է: Եկանք Ալեքսանդրապոլ: Մինչեւ այժմ շրջում էինք գիւղերում: Նոր ենք վերադարձել եւ այժմ մեզ ուզում են պահել քաղաքում` փրոփականտի: Երեւակայեցէք` ոչ մի կարգին փրոփականտիսթ չունեն, եւ չեմ սխալուի, եթէ ասեմ, որ նոյնիսկ Կենտրոնական կոմիտէի անդամները կարօտ են փրոփականտի: Այնպիսի տգիտութիւն ու խաւար է տիրում այստեղ, որ թէեւ գիտես, որ շատ սուղ է քո պաշարը, բայց այնուամենայնիւ զգում ես քեզ համարեա որպէս մի փրոֆէսէօր հասարակական գիտութեանց: Աւետիք Իսահակեանին բաւականին մօտ ծանօթացայ: Նա շատ անկեղծ մարդ է եւ շիտակ. այնպէս որ, դա արդէն նրա համար մի մեծ փլիւս է: Ճիշդ է, կանանցով շատ է տարւում, բայց, Սոնա՛, ճիշդն ասած, մեզանից տղամարդկանցից ո՞րը չի տարւում, եւ եթէ ուրիշները սուրբ են երեւում, դա միայն նրանից է, որ նրանք դիմակի տակ են լինում: Աւետիքը անմիջական զգացմունքի եւ տրամադրութեան մարդ է, եւ իզուր կը լինէր նրա մէջ որոնել փիլիսոփայական մտքի որոշ սիսթեմաթիքական ուղղութիւն:

Նրա բանաստեղծութիւններն էլ անմիջական զգացմունքի արտադրութիւն են: Մի օր նա երկար պատմեց իր գլխին եկած արկածները եւ վերին աստիճանի անկեղծ էր իւր պատմութեան մէջ: Ծննդին Ղազարապատ գիւղում էինք: Աւետիքը այնտեղ պահած ունի մի մեծ պոէմ (մօտ 200 երես) «Մասսա մանուկը» վերնագրով, որ թաղած է եղել հողի տակ մի քանի տարի` վախենալով խուզարկութիւնից:

Ահա այդ պոէմը պիտի կարդար մեզ համար, եւ դրա համար մենք Անիից վերադառնալիս եկանք Ղազարապատ, ուր ապրում էր նրա եղբայրը եւ ուր նրանք կալուածքներ ունեն: Բայց Աւետիքը այդ օրերը գնացել էր գործով Թիֆլիս եւ չեկաւ: Մենք այնտեղ մնացինք մի քանի օր եւ վերադարձանք քաղաք: Այստեղ համարեա միակ կարգին մարդը Աւետիքն է, մէկ էլ` Լեւոն Մանուէլեանը, որի մօտ էլ լինում եմ: Ամսոյս վերջին կը գնամ Մոսկուա, որովհետեւ ուսումը երեւի կը սկսուի եւ հաշիւներս վերջնականապէս կը վերջացնեմ ճեմարանի հետ: Այստեղի դէպքերի մասին կարդացած կը լինէք լրագիրներում: Արդեօք միտք չունէ՞ք գալու: Շատ լաւ կը լինէր, եթէ Մոսկուա գայիք: Միջոցներ ունենայի` ես էլ կը գայի արտասահման ամառս, բայց®

Շրջեցի շատ գիւղեր, ընդունում էին լաւ, եւ այստեղ էլ բաւականին մեծ պատիւ ենք վայելում: Նամակս երեւի ստացած կը լինէք Անիից, դիտմամբ «զակազնոյ» գրեցի, որ հասնի անպատճառ: Այստեղ Սիրանուշը տուեց ներկայացում` «Դաւաճանութիւն»: Երեւակայեցէք` սաստիկ հիասթափուեցի: Նրա մասին այնպիսի գովասանքով էին խօսում, որ ես սպասում էի տաղանդաւոր խաղ, այնինչ նա այնքան թոյլ էր, որ բաւարար դերասանուհու տպաւորութիւն էլ չթողեց: Վրոյրը հիանալի էր:

Այստեղի արիւնալի դէպքերի մասին կը գրեմ միայն այնքանը, որ դժբախտաբար նոքա արդէն սովորական են դարձել. այնպէս որ, այնքան էլ ուշք չես դարձնում: Մերոնք լաւ են, այժմ բաւականին զինուած են: Մանաւանդ «Դաշնակցութիւնը» մեծ դեր է խաղում եւ իմ խորին համոզմունքով, եթէ չլինէր նա, շատ տեղերում ոչ մի հայ չէր մնայ:

Թիֆլիսի ընդհարումների ժամանակ այնտեղ էի եւ աչքովս տեսայ Դաշնակցութեան կատարած դերը: Կռուի մէջ Դաշնակցութիւնը իրան հաւասարը չունի, բայց փրոփականտի մէջ շատ թոյլ է: Գաւառը մի տեսակ անախորժ տպաւորութիւն է թողնում եւ շատ ձանձրալի է կեանքը, միայն գործն է, որ քիչ կենդանութիւն է տալիս այստեղի կեանքին: Շնորհքով մարդիկ էլ չկան, որ մարդ կարողանայ հետները խօսել գոնէ: Մոսկուայի դէպքերի մասին կարդացի: Երեւակայեցէք` ռմբակոծել են հէնց այն տունը, որի մէջ մի ժամանակ մինչեւ Կովկաս գալս ես ապրում էի: Ճակատագիրը ինձ ազատել է` չգիտեմ ինչո՛ւ համար: Ռուսաստանում այնպիսի քաոս է տիրում, որ մտքերս էլ են սրուել եւ ես չգիտեմ նոյնիսկ թէ ինչ գրեցի:

Տպաւորութիւնները այնքան շատ են, որ չգիտես որը գրես եւ վերջապէս ոչինչ չես գրում: Կուրծքս, չգիտեմ` ինչո՞ւ, նոր սաստիկ սկսեց ցաւել, այնպէս որ, վերջացնում եմ նամակս:

ՁԵՐ ՎԱՀԱՆ

Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարան` Վահան Տէրեանի ֆոնտ

Ամերիկա` «Կաթի Եւ Մեղրի Երկիր» (1)

$
0
0

ՍԱՌԱ ԳՈԲՈՅԵԱՆ

Անգլերէնէ թարգմանեց`
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Թուրքիոյ Ուզունովա փոքր գիւղին մէջ կը բնակէին քանի մը թուրք եւ քիւրտ ընտանիքներ: Մնացածները` բոլոր հայեր էին եւ հանգիստ ու խաղաղ կեանք մը կ՛ապրէին: Նման փոքր գիւղի մը բնակիչները, բոլորը անխտիր, իրարու ծանօթ էին, եւ շատեր նոյնիսկ իրարու հետ ազգականական կամ խնամիական կապեր ունէին:

Գիւղը ունէր երկու հայկական եկեղեցիներ եւ մէկ դպրոց: Ծնունդին, Զատիկին եւ աւանդական տօներուն գիւղը ամբողջութեամբ կը վերածուէր մեծ ընտանիքի մը: Անբացատրելի սէր եւ միասնականութիւն կար բոլորին միջեւ:

Տուները կառուցուած էին իրարու շատ մօտիկ: Յաճախ քանի մը ընտանիքներ միասնաբար կը բնակէին ընդարձակ տան մը մէջ, եւ իւրաքանչիւրը իրարմէ բաժնուած կ’ըլլար պատով մը: Այդ պատին վրայ կը գտնուէր փոքրիկ պատուհան մը, որուն մէջէն իրարու հետ առարկաներ կը փոխանակէին:

Ձմրան եղանակը շատ ցուրտ էր, իսկ ամառը` անտանելի տաք: Քիչ կ՛անձրեւէր: Ամրան տաք եղանակին ընտանիքը ամբողջութեամբ կը պառկէր տուներու տանիքներու վրայ` վայելելով լուսնի լոյսն  ու աստղերը: Գիւղի մարդիկը իրարու հետ շատ սիրով էին եւ յաճախ իրարու կ՛այցելէին»: (Հատուած):

Մանրամասնօրէն նկարագրած է, թէ ինչպէ՛ս թուրք զինուորներ պատերազմի սկիզբի տարիներուն խուժած են իրենց գիւղը: Նախ հաւաքած են գիւղի այր մարդիկը` որպէս թրքական բանակի «զինուոր», սակայն հազիւ հեռացած գիւղէն` սպաննած ու նետած են գետը: Բոլորը անզէն ըլլալով` ինքնապաշտպանութեան հնարաւորութիւն չունէին: Քանի մը հոգի միայն կրցած է փախուստ տալ, եւ բախտով ազատուողներէն լսած էին իրենց սիրելիներուն սպաննուիլն ու դիակներուն գետը նետուիլը:

Անխղճօրէն տեղահանած են կիներն ու երեխաները: Սառա մօրաք (այսպէս կը կանչէինք զինքը) իր ընտանիքէն միակ փրկուած անձը եղած է: Բոլորը սպաննուած կամ տեղահանուած են, իսկ ինք որոշ շրջան մը մնացած է «բարի» քիւրտ ընտանիքի մը մօտ` որպէս ծառայ:

Մայրենի լեզուն սկսած է մոռնալ, սակայն տակաւին կը յիշէ իր հայ ինքնութիւնը:

Նոյն շրջանին կը սկսի հայ որբերու հաւաքը: Փախուստ տալով քիւրտ ընտանիքէն` կը յաջողի միանալ «Ամերիքըն Նիր Իսթ Ռիլիֆ Սոսայիթի»-ի որբանոցներէն մէկուն, ուր շրջապատուած հայ որբերով` կը վերատիրանայ իր մայրենի լեզուին:

«Նիր Իսթ Ռիլիֆ Սոսայիթի»-ի որբանոցներու մէջ ամերիկացի միսիոնարները իրենց կարելին ըրած են հայ որբերը պահելու համար հայ, մինչ Այնթուրայի որբանոցին մէջ ամէն ճիգ թափած են բռնի իսլամացնելու համար հայ որբուկները:

Սառա մօրաք իր գրքոյկին մէջ միշտ գովեստով ու երախտագիտութեան զգացումներով արտայայտուած է մարդասիրական այդ հաստատութեան հանդէպ:

Հատորը պատկերազարդ է, եւ նկարներէն մէկուն մէջ կը տեսնեմ մօրս նկարը, ինչ որ մտածել կու տայ, որ մայրս, իր զարմուհիին` Սառայի նման, ապրած է այդ դժոխային ոդիսականը:

Սառա, որոշ շրջան մը Անգլիա մնալէ ետք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գտնուող հօրեղբօրը միջոցով հաստատուած է անոր մօտ:

Մայրս եւ մօրաքոյրս նոյնպէս ունեցած են Ամերիկա գտնուող հօրեղբայր մը, որ խոստացած է երկու որբուկները բերել իր քով, սակայն անոր անակնկալ մահը պատճառ դարձած է, որ երկու քոյր մնան Լիբանան: Ճակատագրի խաղով մը, տասնամեակներ ետք, մայրս դարձեալ «բախտը ունեցաւ» գաղթելու Միացեալ Նահանգներ, ուր իր մահկանացուն կնքեց 1997-ին, բաւական յառաջացած տարիքին:

Սառա Գոբոյեանի հատորի վերջին հատուածին մէջ մանրամասնօրէն ներկայացուցած է իր երկրորդ ոդիսականը` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ:

***

«Օր մը հօրեղբայրս մօտեցաւ ու ըսաւ.

«Սառա՛, ամիսները շատ շուտ կ՛անցնին: Ամերիկա ժամանելու տոմսակդ միակողմանի է: Չէի ուզեր,  որ Անգլիա վերադառնաս: Քեզ Անգլիա վերադարձնելու նիւթական կարողութիւնը չունիմ: Քանի մը ամիս միայն կեցութեան իրաւունք ունիս, եւ վերջնական հոս մնալու միակ ձեւը ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունեցողի մը հետ ամուսնանալդ է»:

Ամուսնանա՞լ: Ի՜նչ ահռելի գաղափար: Նախապէս այդ մասին բնաւ չէի մտածած: Սկսայ լալ: Մտածելն անգամ վախ պատճառեց ինծի:

Մինչ այդ հօրեղբայրս առաջարկեց տեսնուիլ հայ փաստաբանի մը հետ: Լեւոն Հերտեան, որ հաւանաբար կարենար յաւելեալ 6 ամսուան կեցութիւն մը ապահովել: Նախապէս ծանօթացած էի սոյն փաստաբանին մօրը եւ երկու քոյրերուն, զորս շատ կը հաւնէի: Իրենց մայրը, ի պատիւ ինծի, ճաշկերոյթ մը տուած էր եւ` փափաքած, որ իր հարսը դառնամ, սակայն այդ մէկը չյաջողեցաւ:

Փաստաբան Հերտեանի` կեցութեանս ժամանակամիջոցը երկարաձգելու աշխատանքին ժամանակ լուրեր տարածուած էին, որ Զաքարեանին եղբօր աղջիկը ժամանած է Անգլիայէն եւ հարսնցու է:

Այդ օրուընէ սկսեալ քանի մը փեսացուներ սկսած էին այցելել հօրեղբօրս տունը` աղջիկտեսի, նաեւ հօրեղբօրս հետ մենք կ՛այցելէինք ամուսնութեան յարմար տարիքի տղաք ունեցող քանի մը ընտանիքներու տուները: Բնաւ տեղեակ չեմ, թէ ինչպէ՛ս լուրը այսքան շուտ տարածուած էր: Ամէն կողմէ փեսացուներ կը ներկայանային հօրեղբօրս տունը: Հիւսիսային Միլուաքիէն, Ուիսքանսընէն եւ Շիքակոյէն: Ներկայացողներէն շատերը ինծի հայր մը ըլլալու տարիքը ունէին, եւ հոս էր, որ անհաճոյ խնդիրները սկսան, որովհետեւ կը մերժէի ինծի առաջարկուած ամուսնութիւնները: Հօրեղբօրս կ՛ըսէի. «Վստահաբար սխալ բան մը կայ,  որ այս մարդիկը տակաւին չեն ամուսնացած»:

«Ո՛չ, Սառա՛, սխալ բան չկայ: Այս տղաքը ծնած ու հասակ առած են մեր երկրին մէջ, եւ իրենց համար շատ դժուար է ամերիկածին հայ աղջիկներու հետ ընտանիք կազմելը: Անոնց ապրելակերպը տարբեր է եւ բնաւ չի համապատասխաներ մեր կենցաղին: Անմիջապէս որ հայրենիքէն երիտասարդ աղջիկ մը ժամանէ այս քաղաքը, ամէն փեսացու իր կարելին կ՛ընէ, որպէսզի ինքը ըլլայ բախտաւոր անձը` տիրանալու նոր ժամանած օրիորդին», սակայն այս բացատրականները բան չէին փոխեր իմ մէջս: Կու լայի եւ անընդհատ կը կրկնէի. «Ամուսնութիւն չեմ ուզեր, կը նախընտրեմ Լոնտոն վերադառնալ»:

Հօրեղբայրս սաստիկ ջղայնացած` ըսաւ ինծի. «Ինքզինքդ ո՞վ կը կարծես: Երկինքէն իջած հրեշտա՞կ մը, որ կը մերժես ամուսնութեան բոլոր թեկնածուներդ: Լա՛ւ գիտցիր, քեզ ետ ուղարկելու դրամ չունիմ, եւ կը կարծե՞ս, որ ինծի համար դիւրին բան է մեկնիլդ տեսնել: Կ՛ուզես, որ անձնասպա՞ն ըլլամ»: Այս խօսքերէն շատ վախցած էի: Գիտէի, որ հօրեղբայրս ատրճանակ մը ունէր եւ, միեւնոյն ժամանակ, ես ալ իմ կարգիս չէի ուզեր բաժնուիլ հօրեղբօրմէս, որ մեր գերդաստանէն միակ ողջ մնացած անդամն էր:

Գեղադէմ երիտասարդ մը ներկայացաւ: Կը վախնայի «ոչ» ըսելու` գիտնալով, որ պիտի նեղացնեմ հօրեղբայրս: Յաջորդ կիրակի հրաւիրուած էինք անոնց տունը, ուր հաճելի հանդիպում մը ունեցայ իր ընտանիքին հետ, որոնք նմանապէս մեր երկրէն էին: Գիտէի, որ սէր գոյութիւն չունէր, սակայն մեր երկրին մէջ այդ մէկը կարեւոր չէր: Կարեւորը ծնողներուն գոհացում տալ եւ չմերժելն էր: Անոնք են, որ կ՛որոշեն` յարմա՞ր է, թէ՞ ոչ:

Յաջորդ հանդիպումին, «փիքնիք»-ի մը ընթացքին, քանի մը վայրկեան առանձին մնացի երիտասարդին հետ: Հարցումներուն պատասխանեցի կարճ ու կտրուկ: Հօրեղբայրս եւ իր կինը արդէն սկսած էին նշանտուքի պատրաստութիւններուն: Փեսացու երիտասարդէն պահանջեցին, որ յաջորդ հանդիպումին հետը բերէ ամերիկեան քաղաքացիութեան փաստաթուղթերը: Եկաւ առանց այդ թուղթերուն: Անօրէն մտած էր Ամերիկա եւ օրինաւոր կեցութեան չէր դիմած` վախնալով, որ կրնան զինք երկրէն արտաքսել:

«Սառան քեզի հետ չի կրնար ամուսնանալ,- ըսաւ հօրեղբայրս:- Ան պէտք է ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունեցողի մը հետ ամուսնանայ, որպէսզի կարենայ մնալ այս երկրին մէջ»: Այս լսելով` այնքա՜ն հանգստացայ:

Շիքակոյէն ուրիշ մէկը ներկայացաւ, սակայն հօրեղբայրս չթոյլատրեց առանձին տեսնուիլ: Զայն առաջնորդեց սենեակ մը` հարցուփորձի: Մէկը կար, որ ինձմէ աւելի հետաքրքրուած էր անոնց խօսակցութեամբ: Այդ մէկը 10 տարեկան զարմուհիս էր` Հելէնը, որ դրան ետեւէն կը հետեւէր ներսի խօսակցութեան: Իրեն համար այս բոլորը հաճելի էին, ինծի համար` վիշտ ու ցաւ: Չէի ուզեր ամուսնանալ անծանօթ անձի մը հետ, սակայն հօրեղբօրս եւ իր կնոջ համար ան կրնար տիպար ամուսին մը ըլլալ: Պատճա՞ռը: Ամերիկայի ամենադժուար եւ անգործութեան տարիներուն ինքնաշարժ ունէր, նաեւ` սափրչատուն մը,  սակայն իրեն եւս կը պակսէր ամենակարեւորը` ամերիկեան քաղաքացիութիւն:

Այս անձին հարցազրոյցի միջոցին հօրեղբօրս հայ դրացին` Կէլէնեան ընտանիքը, փափաքած էր ներկայացնել ուրիշ անձ մը, սակայն հօրեղբայրս մերժած էր երկու հոգի միաժամանակ հարցուփորձել:

Այդ կիրակի դարձեալ հայկական «փիքնիք» մը  տեղի ունեցաւ, ուր բոլորս ներկայ գտնուեցանք: Տիկ. Սիրանուշ Կէլէնեանը ուզեց, որ երկուքս միասին քալենք, որպէսզի հեռուէն ցոյց տայ իրեն ծանօթ փեսացուն, որ գարեջուր եւ սոտա կը ծախէր: Կ՛ուզէի քաղաքավար գտնուիլ այդ կնոջ հետ, սակայն չէի փափաքեր ոեւէ մէկուն ծանօթանալ:

Իւրաքանչիւր անձի մասին հակասական կարծիքներ կու տային: Մէկը կը գովէր, ուրիշ մը հակառակը կը փաստէր: Տխուր եւ շուարած էի: Չէի գիտեր` ո՞րն  է ճիշդը, կամ ո՞րն է սխալը:

Նոյն շրջանին հօրեղբօրս ընտանիքը նշանտուքի եւ հարսանիքի ծրագիրներ կը մշակէր: Կը մտածէին, որ պէտք է անցնիմ քանատական սահմանը այդ անձին հետ, իր քանատաբնակ եղբօրորդիին հետ կնքել կեղծ ամուսնութիւն մը, վերադառնալ Ամերիկա, որպէսզի օրինականօրէն կարենամ մնալ այս երկրին մէջ: Երկու տարի ետք «ամուսնալուծուիլ» եւ անկէ ետք իրական ամուսնութիւն մը կնքել յարմար անձի մը հետ: Բնականաբար մերժեցի եւ ըսի, որ կը նախընտրեմ վերադառնալ Անգլիա, քան թէ ընդունիլ այդ անպարկեշտ որոշումը: Հօրեղբայրս սաստիկ ջղայնացած` «կ՛ուզես, որ դրախտէն փեսացո՞ւ մը ճարեմ քեզի համար»:

Յաջորդ առաւօտ մեր հայ դրացուհին հարցուց, թէ կրնա՞ն այցելել, որպէսզի իրենց բարեկամներէն մէկը տեսնէ զիս:

«Օ քԷյ, Օ քէյ», ջղայնացած պատասխանեց հօրեղբայրս:

Նստասենեակէն զիս կանչեցին: Հնազանդեցայ: Բարեւեցի եւ նստայ անոնցմէ բաւական հեռու: Ինքն ալ ինծի նման ամչկոտ էր: Ցած ձայնով ինքնիրենս խօսեցայ: «Երբե՛ք»:

(Հատուածներ)

Լոս Անճելըս, 2018
(Շար.1)

2018-ին Շահագործման Պիտի Յանձնուին 6 Փոքր Ջրելեկտրակայաններ

$
0
0

Արցախի մէջ 2018-ին կը նախատեսուի շահագործման յանձնել 28,5 մեկաուաթ ընդհանուր հզօրութեամբ եւ 161,7 միլիոն քիլոուաթ-ժամ ելեկտրուժի միջին տարեկան արտադրանքով 6 փոքր ջրելեկտրակայաններ:

Արցախի տնտեսական եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութեան աշխատակազմի ուժանիւթի բաժինի նախագահ Հայկ Աւետիսեանը կը յայտնէ, որ ներկայիս Մարտակերտի, Շահումեանի եւ Քաշաթաղի շրջաններուն մէջ ընթացք առած է եւս 5 փոքր ջրելեկտրակայաններու կառուցումը:

Աւետիսեան կը տեղեկացնէ նաեւ, որ Արցախի մէջ ներկայ դրութեամբ կը գործեն  16 ջրելեկտրակայաններ, որոնց արտադրութիւնը 2017-ին կազմած է 327,8 միլիոն քիլոուաթ-ժամ ելեկտրականութիւն, իսկ հանրապետութեան ընդհանուր սպառման ծաւալները կազմած են 351,1 միլիոն քիլոուաթ-ժամ:


Աշխարհի Մէջ Առաջին «Խելացի» Զբօսայգին Պիտի Ըլլայ Երեւանի Մէջ

$
0
0

Ապագայի զբօսայգին պիտի ըլլայ Երեւանեան լիճին մօտ: Անիկա պիտի բաղկանայ 8 մասերէ` հրապարակ` ընտանիքներու համար, գործարար հանդիպումներու եւ քննարկումներու բացօթեայ հատուած, վիպային ժամադրավայր, Շաւարշ Կարապետեանի անուան հրապարակ, արեւային ուժանիւթով լիցքաւորուող եւ կշռող  նստարաններ:

Մանրամասնութիւնները` հանրային հեռուստաընկերութեան տեսանիւթին մէջ.

Մանսուրեանի «Ռեքուիեմ»-ը Արժանացաւ Դասական Երաժշտութեան Միջազգային Մրցոյթի Գլխաւոր Մրցանակին

$
0
0

Տիգրան Մանսուրեանի` Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Ռեքուիեմ» ստեղծագործութիւնը արժանացաւ Դասական երաժշտութեան միջազգային մրցոյթի գլխաւոր մրցանակին` «Ժամանակակից երաժշտութիւն» դասակարգին մէջ:

Մրցոյթը տեղի ունեցաւ 18-20 յունուարին, Լիւքսեմպուրկի մէջ:

Ըստ «Արմենփրես»-ի, այս առիթով Տիգրան Մանսուրեան յայտնեց, որ խորապէս յուզուած է մրցոյթի կազմակերպիչներուն` իր գործին նկատմամբ ցուցաբերած վերաբերումէն:

«Ռեքուիեմ»-ը ներկայացուած է նաեւ 28 յունուարին տեղի ունենալիք «Կրեմմի» մրցանակի 60-րդ յոբելենական մրցանակաբաշխութեան` «Լաւագոյն երգչախմբային ներկայացում» եւ «Լաւագոյն ժամանակակից դասական ստեղծագործութիւն» անուանակարգերուն մէջ: Խօսելով «Կրեմմի»-ի մասին` Մանսուրեան ըսաւ, որ, անշուշտ, կը սպասէ այդ կարեւոր մրցանակաբաշխութեան: «Եթէ մրցանակի արժանանամ, կը կարծեմ, որ բոլորս ալ ուրախ կ՛ըլլանք, եթէ ոչ, Դասական երաժշտութեան միջազգային մրցանակը արդէն կայ ու կայ», կատակով յայտնեց երաժիշտը:

Դասական երաժշտութեան եւրոպական միջազգային մրցանակաբաշխութիւնը ծնունդ առած է 6 ապրիլ 2011-ին, Քաննի մէջ: Դատական կազմը բաղկացած է երաժշտական հեղինակաւոր ամսագիրներու քննադատներէ:

Ի՞նչ Պատահեց Զոնկուլտաքի Մեր Հայ Եւ Յոյն Հարեւաններին. Ահա Պատասխանը

$
0
0

Թարգմանեց ԱՆԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԸ

Ստորեւ «Ակունք»-ը թարգմանաբար ներկայացնում է թուրք ուսումնասիրող  Քատիր Թունճերի` Զոնկուլտաքում 2003 թ.-ից գործող «Քարաէլմաս» լրագրողների միութեան «Պայրամ» թերթում լոյս տեսած հետազօտութեան առաւել ուշագրաւ հատուածները.

Յայտնի է, որ մինչ բնակչութեան փոխանակումը, որն իրականացուեց 1923 թ. յուլիսին, ինչպէս ամբողջ Անատոլիայի, այնպէս էլ Զոնկուլտաքի եւ շրջակայքի ամենահին բնակիչներից են եղել յոյներն ու հայերը: Հարիւրամեակներ շարունակ այդ հողերի վրայ ապրած հազարաւոր մարդիկ իրենց հետ տարել են նաեւ տխուր եւ ուրախ յիշողութիւնները:

Լա՛ւ, իսկ ովքե՞ր էին այդ յոյներն ու հայերը: Ինչո՞ւ, դէպի ո՞ւր, ինչպէ՞ս են նրանք գնացել, հեռացուել: Նրանց երեխաներն ու թոռները հիմա որտե՞ղ են: Արդեօ՞ք գիտեն, որ իրենց պապերը` տան մեծերը, ովքեր հարկադրաբար են փոխել իրենց բնակավայրերը, ծնուել ու մեծացել են Զոնկուլտաքում, եւ որ այստեղից են եկել: Շրջանում գտնուող եւ հարիւրաւոր տարիների պատմութեան վկաները հանդիսացող գերեզմանները վերջին 50-60 տարիների ընթացքում քանդւում եւ աւերւում են: Եկեղեցիները, այազմաները (յոյների համար սուրբ ջրերի տարածք, «Ակունք»-ի խմբ.), թեքքեներն ու նման այլ վայրեր, որոնք անտէր ու անխնամ են մնացել,  քանդուելուց էլ աւելի վատ ճակատագրի են արժանացել:

Միայն քրիստոնեաներին եւ յոյների ու հայերի համայնքներին պատկանող յուշարձանները չէ, որ աւերուել են. միեւնոյն ժամանակ  550 տարի  այս հողերում բնակուող մուսուլման-թիւրքմէնների որոշ գիւղերում գտնուող խորհրդանշական քարերը, նոյնիսկ հին գերեզմանաքարերն էլ են այս նոյն բախտին արժանացել: Շրջանում  բնիկ քրիստոնեայ բնակչութեանը պատկանող հետքերը ջնջուել են ու շարունակւում են ջնջուել, ինչի  պատճառով մարդկանց գիտակցութեան մէջ անցեալի մասին պատկերացումները հետզհետէ աւելի աղօտ են դառնում, ստիպում են մոռանալ: Մոռացւում է նաեւ, որ շրջանի ցեղային-կրօնական պատկերը հարուստ ու բազմազան է եղել: Ձեռքիս տակ ունեցած փաստաթղթերի ու տեղեկութիւնների միջոցով կը փորձեմ լոյս սփռել մութ մնացած այս թեմայի վրայ:

Ահա 1920-ական թթ. Զոնկուլտաքում ածխահանքերի տէրերից ոմանք` Արթին Քարամանեան (Քարամանեան անունը ներկայում Զոնկուլտաքում մի փողոցի անուանում է), Սթեֆան Եորկիատիս, Քոզմա էֆենտի (Քոզմա անունը ներկայում Զոնկուլտաք կենտրոնին կից Քիլիմլի գիւղաքաղաքում մի թաղամասի անուն է), Ճեւահիրճիօղլու Պոտոսաքի, Սեդրակ Փեմբեճեան, Սարգիս Ռաքըճըյեան, թենեքեճի Վասիլ, բարթընցի Միհայիլ Քոզմիտիս, բարթընցի Քոզմաօղլու Պետրոս, Հալաճեան Բարսեղ, Քարա Սիմօ, Ենեւիտոս Փասքալ եւ այլք: Զոնկուլտաքի Առեւտրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի` 1923 թ. մարտի 29-ին կազմուած 12 հոգանոց ղեկավար մարմնում վեցը քրիստոնեաներ էին: Ահա զոնկուլտաքցի արհեստաւորներից ոմանք` կօշկակարներ` քուրուճաշիլեցի Ալեքօ, բարթընցի Փարթալճըօղլուներից Համբարձումօղլու Օսեկեան, չայճումայեցի Քոսթաօղլու Թոմա եւ այլք: Դերձակներ` դեւրեկցի Մինասօղլու Նշան, չայճումայեցի Թերզիպաշ որդիներից` Ագոփօղլու Թեւոր, բարթընցի Արագիլօղլու Պաղտասար, Միքրազօղլու Ղազարոս եւ այլք: Հիւսներ` էրեղլեցի Եորկի Սորմազօղլու Ալեքօ, քուրուճաշիլեցի Տեմէեանօղլու Փերիկլի եւ այլք: Քարտաշներ`  սարֆանպոլուեցի Իսթաւրի, սաֆրանպոլուլեցի Իսփիրօ եւ այլք: Վարսաւիր` դեւրեկցի Թաթէոսի որդիներից` Թագւուր: Նպարավաճառներ` քուրճաշիլեցի Եուինտիօղլու Եամանտի, սաֆրանպոլուեցի Թելլիօղլուներից` Եորկիօղլու Եորտան, չայճումայեցի Թելլիօղլուներից` Եորտանօղլու Պոտոս: Երաժիշտ` բարթընցի Կարապետ Արագիլ: Պանդոկապետ` Դեւրեկցի Մանուկի որդի Արթին: Սրճագործութեամբ զբաղուող` սաֆրանպոլուեցի Փոնազօղլուներից Եորտանի որդի Վասիլ:

Ժամագործ` դեւրեկցի Քէշիշօղուլներից` Յակոբի որդի Պետրոս:

Հացթուխ` քուճաշիլեցի Պարաշքոօղլու Տիմիթրի: Բարթընում ձու վաճառող` Տիմիթրի Թիլքիօղլու եւ այլք:

Եթէ ուշադրութիւն դարձնենք, ապա կը նկատենք, որ այդ անունները Զոնկուլտաքի եւ շրջակայ գաւառների բնակելի տարածքների անուններից են: 1892 թ. շրջանի անտառների գլխաւոր տեսուչ է եղել Կարապետ Քերեսթեճեանը, 1910 թ. Զոնկուլտաքի շրջանի ղեկավարը` Նիքոլաքին: 1916 թ. յուլիսի  3-ին Զոնկուլտաքի Առեւտրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի ղեկավար մարմինի թեկնածուներ են եղել` Հըրիսթօ Ֆիտիսը, Հոճա Իսթեֆանը, Թոմա Ֆոթեատիսը, Օհաննէս Հազարապետեանը, Պոյաճըօղլու Անեսթին, Պոտոս Անթոմիլիտիսը, Հրանդ Փանոսեանը:

Քասթամոնուում լոյս տեսնող «Աչըքսէօզ» թերթի 1920 թ. դեկտեմբերի 27-ի համարում` «Զոնկուլտաքի քրիստոնեայ/յոյն համայնքից 99 տուն բնակչութիւն Զոնկուլտաքից հեռացուել է թուրք իրաւասուների միջոցով» վերնագրով լուր կայ: 1921 թ. Զոնկուլտաքում փաստաբաններ են եղել` Էֆթիմ Եորկիատիսը, սաֆրանպոլուլուեցի Վասիլաքին, Սաֆրանպոլուլու Հըրիսթոն, Տայըօղլու Վասիլաքին: Ահա ածխահանքերում աշխատող բանուորներից ոմանք` Արապսոնլու Եորկի Վելեթ Ափուսթոլ, Աքսաքալօղլու Քլովլու Վելեթ Տիմիթրի, Փաւլիի որդիներից` Փորիկաօղլու Նիքոլա, էրեղլեցի Քիրեմիտճիօղուլներից` Հըրիսթոօղլու Փանայոթ եւ այլք:

Չաթալաղզը-Տողանճըլար գիւղում  1896 թ. ծնուած Եագուպ Թորամանի` 1945 թ. գրող Թեքինի հետ արուած ու «Տողու» թերթի 1945թ. 27-28  համարի 47-րդ էջում հրապարակուած զրոյցում Նազըմ Թեքինն իր հետ պատահած մի դէպք է պատմում, որն առնչւում էր շրջանի քրիստոնեայ համայնքին.  «1913-14 թթ. Մատենում` Քըրաթից (Զոնկուլտաք քաղաքի սահմաններում գտնուող մի բնակավայր) դէպի Տամարլը (Քարատոնի գերեզմանոցի ու Կելիք ասֆալթէ ճանապարհի մօտակայքում) գնացող երկու ճանապարհների սկզբնամասում անամօթները փորձում էին բռնաբարել Քեսենեճի Եարկոպլուսի փոքր քրոջը` Անասթասիային: Պատահաբար ես էլ էի այնտեղով անցնում: Երիտասարդ էի, ուժեղ էի, նրանց դէմ դուրս եկայ, ծեծկռտուք սկսուեց, նրանք փախան: Ես էլ նրանց ձեռքից փրկեցի Անասթասիային»: Զոնկուլտաքում ու շրջակայքում յոյն, հայ քրիստոնեայ համայնքին պատկանող դպրոցնէր, եկեղեցի-այազմաներ, գերեզմանոցներ կային: 1920 թ. Զոնկուլտաքում առաջին անգամ «Օսմանեան կայսրութեան կազմաւորման տարեդարձը նշելիս» քրիստոնեայ յոյն ու հայ համայնքի անդամներն ու քահանաները` շատ գեղեցիկ հագնուած յոյն ու հայ աղջիկների դպրոցի աշակերտուհիների ու ուսուցիչների, տնօրէնների հետ միասին շքախմբի ամենաառաջին շարքերում` իրենց ուսուցիչների կողքին քայլում էին: 1921 թ. յունիսի 21-ին էլ Պարթընում բնակուող յոյն համայնքը տեղափոխուել է աւելի ներքին շրջան` Սաֆրանպոլու: 1921 թ. դեկտեմբերի 29-ին Զոնկուլտաքի եպիսկոպոս Գերմանոսը թերթերին հաղորդել է. «Աղօթում ենք մեր հայրենիքի փրկութեան համար»: Դեւրեքի բնակչութեան գրանցամատեաններում տեղ գտած մի տեղեկութեան համաձայն, «Հայերի եւ յոյների վերաբերեալ ներքին գործերի` (ներքին գործերի նախարարութիւն) փետրուարի 2-ի 1340 (1924)-159/4010, Զոնկուլտաքի նահանգապետարանի 1340 թ. եւ 556/172 համարով տրուած հրամանով մեր գաւառի (Դեւրեք) բնակչութիւնը նուազեցուել է. այս մասին գրուած է Օմուր Չելիքտոնմեզի «Դեւրեքի պատմութիւն» աշխատութեան 163-րդ էջում»:

Հարկադիր աքսոր-տեղահանութեան ենթարկուելու վախից իսլամ ընդունած հայերի համար  էլ գրքում մի էջ կայ` «Դեւրեքի Ռեշատիյէ թաղամաս» անունով: Դեւրեքի բնակչութեան գրանցամատեաններում 1321 (1905) տարեթուով գրանցումների համաձայն, Ռեշատիյէ փողոցում գրանցուած, ապա իսլամ ընդունած հայերի մի մասի անուններն են` Իհսանիյէ օղլու Ահմեթ Սերի (նախկին անունը` Քէշիշօղլու Մալգուն), Հուտավերտիօղլու Մեհմեթ Զեքի (նախկին անունը` Հաճը Զերա), Հուտավերտիօղլու Ապտուլահ Շիւքրու (նախկին անունը` Թեմաքօղլու Միհրան), Թերզիօղլու Եագուպ (նախկին անունը` Հաճը Անթերիկ), Տաւութօղլու Քատիր Ճեմալ (նախկին անունը` Թերզիօղլու Թակուրի) եւ այլք: 1923 թ. յուլիսի 23-ին Զոնկուլտաքի շրջանից ու շրջակայ գիւղերից եկած հարիւրաւոր քրիստոնեաներ Զոնկուլտաքի նաւամատոյցից նաւեր են նստեցուել եւ ուղարկուել դէպի Յունաստան եւ այլ երկրներ: Պատմաբան-հետազօտող, գրող Օմիւր Չելիքտէօնմեզը Զոնկուլտաքի պատմութեան տեսակէտից շատ կարեւոր համարուող իր «Դեւրեքի պատմութիւնը» վերնագրով աշխատութեան 158-րդ էջից սկսուող «Դեւրեքի հայերը» բաժնում գրում է. «Հաթիփլեր գիւղից Մեհմեթ Տերինը մանկութեան տարիներին մօր հետ ձու եւ եողուրթ վաճառելու համար Դեւրեքի շուկայ է գնացել ու այնտեղ հայերի տեսել: Հայ կանայք թուրք կանանցից տարբերւում էին միայն նրանով, որ հայ կանանց գլուխները բաց էին»:

1926 թ. Անգարայից եկող հրամանով եւ փոքրամասնութիւնների տեղահանութիւնը նախատեսող «Ընդհանուր հաւասարակշռութեան օրէնք»-ի (Muvazene-i Umumiye Kanunu) համաձայն, Դեւրեքում բնակուող հայերին երեք օր ժամանակ է տրուել: Երբ հայերը հասկացել են, որ իրենց գնալն այլեւս անխուսափելի է, վաճառքի են հանել իրենց անշարժ գոյքը: Գոյքի մեծ մասը շատ էժան գնով են վաճառել: Այդ օրերի ականատես վկաներից դեւրեքցի Ալի Աքայան ասում է. «Հայերը անձրեւոտ մի օր, երեխաների լացի ձայների ուղեկցութեամբ, Դեւերքից հեռացան, նրանց մի մասը Զոնկուլտաքից, մի մասն էլ Էրեղլիից նաւ նստեց ու գնաց Պոլիս»: «Չայճումայի պատմութիւն» աշխատութեան հեղինակ Հասան Աթամանը Չայճումայի պատմութիւնը բանաւոր ներկայացնող Մուսթաֆա Զերենի հետ 1992 թ. արած եւ իր գրքում զետեղած հարցազրոյցում Չայճումայի յոյն բնակչութեան մասին գրում է.

«Չայճումայի  քահանայի աղջիկը թուրք-մուսուլման մի երիտասարդի հետ փախաւ: Այդ դէպքը Չայճումայում մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ: Այդ ժամանակ յոյները պատրաստւում էին հեռանալ Չայճումայից: Այն երիտասարդը, ում հետ փախել էր աղջիկը եւ ում ազգանունը հիմա «Կիրկին» է, քաղցրաւենքի խանութ ունեցող եւ ձուի առեւտրով զբաղուող Հոճաօղլուներից Տերվիշ Օմերի մեծ որդին` Ճելալէտտինն էր: Հետագայում աղջիկն իր ցանկութեամբ իսլամ ընդունեց, ու անունը «Հուսնիյէ» դրեցին: Մինչ յոյների այդտեղից գնալը`  ճոխ մի հարսանիք կազմակերպուեց: Տիկին Հուսնիյէն ու երեխաները հետագայում Պոլիս տեղափոխուեցին:  1989 թ. տիկին Հուսնիյէն Չայճումա եկաւ, ինձ գտաւ: Պոլսում իր երեխաները ձուլարան ունէին: Այդ գիշեր նա մնաց մանկութեան ընկերոջ` Հիւսնու Քիւքթիւրքի մօր տանը: Այդտեղից Պոլիս գնացած հայ երկու ընտանիքներից մէկը` Էմինեոնիւում «Ոսկէ մսագործ» անունով մի աշխատատեղ բացեց:

Իսկ միւսը` Օսիկեան անունով, Օրթաքէօյում է մսագործութեամբ զբաղւում: Տարիներ անց, նրանցից մէկի հետ զրոյցի ժամանակ, նա ինձ ասաց. «Միշտ ցանկանում ենք Չայճումա գալ, կարօտում ենք: Ծնողներ չունենք, սպաննեցին: Ես Չայճումայում եմ ծնուել ու մեծացել»:

Հարիւրաւոր տարիներ այդ հողերի վրայ ապրած հազարաւոր մարդիկ իրենց հետ միասին տարել են նաեւ տխուր-ուրախ յիշողութիւնները: Հիմա որտե՞ղ են այդ մարդկանց երեխաները, թոռները:

http://www.pusulagazetesi.com.tr/arsiv_28039/zonguldak-taki-ermeni-ve-rum-komsularimiza-ne-oldu-iste-yaniti/

«Ակունք»

 

Տեսակէտ. Երկու Նկատումներ

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իւ Լը Տըրիան յայտարարեց. «Մտահոգ ենք հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական յարձակումէն եւ Անգարային կոչ կ՛ուղղենք ինքնազսպումի»: Ֆրանսայի կեցուածքը ուղղակի կրկնօրինակն է այս հարցով Ռուսիոյ կեցուածքին, այլ խօսքով` գործնական գետնի վրայ ոչինչ կը խոստանայ:

Ֆրանսայի պահանջով երկուշաբթի օր գումարուեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ ու դռնփակ նիստ մը, որուն ընթացքին ո՛չ որոշում մը որդեգրուեցաւ, ո՛չ ալ յայտարարութիւն մը հրապարակուեցաւ: Նիստէն այլ բան կարելի չէր ակնկալել` նկատի ունենալով, որ խորհուրդի մնայուն` իմա՛ վեթոյի իրաւունք ունեցող անդամներէն Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները թրքական կողմին իրենց տուած «կանաչ լոյս»-երով մեղսակից են յարձակումին եւ անոր հետեւանքներուն: Պարզ է, որ անոնք պիտի մերժէին յայտնուիլ ինքնադատապարտութեան (թէկուզ անուղղակի) անհեթեթ կացութեան մէջ: Ուստի ի՞նչ էր նիստի հրաւիրման ետին Ֆրանսայի նպատակը:

Փարիզ թերեւս պարզապէս կ՛ուզէր նեղ կացութեան մատնել Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը, որուն դեսպանը հաւանաբար ճիշդ այդ անախորժ կացութենէն խուսափելու համար էր, որ լաւատեղեակ աղբիւրներու համաձայն, բացակայեցաւ նիստէն: Նաեւ այդ պատճառով էր, որ նիստն ալ դռնփակ էր: Ֆրանսայի կատարածը ստիպուած եմ կոչելու դիւանագիտական սնամտութիւն, որովհետեւ անոր ճշգրիտ բնորոշումը լիբանանեան բարբառի «մ» տառով սկսող հասարակ բառն է, զոր կը նախընտրեմ այստեղ չօգտագործել: Անիկա լաւագոյն պարագային բան մը ըրած ըլլալ երեւելու սիրոյն կատարուած քայլ մըն էր:

Միւս կողմէ, մինչ Լիբանանի քիւրտերը Պէյրութի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց կը կատարեն եւ քիւրտ ղեկավարները Աֆրինի դէմ թրքական յարձակումին ռուսական մեղսակցութիւնը կը քննադատեն, ամերիկեան բացայայտ մեղսակցութեան նկատմամբ կը պահեն քար լռութիւն: Անոնց ղեկավարութիւնը զգացական վերաբերմունք ցուցաբերելով կը մերժէ Սոչիի մէջ միջսուրիական խորհրդաժողովին մասնակցիլ, ինչ որ մեծ գոհունակութիւն պիտի պատճառէ ու մեծապէս հանգստացնէ թրքական կողմը, որ ի սկզբանէ դէմ էր այդ գաղափարին, զոր դժկամաբար ընդունեց միայն Աֆրինի հարցով ռուսական «կանաչ լոյս»-ին սիրոյն:

Քիւրտ ղեկավարութիւնը, դժբախտաբար, չի գտնուիր քիւրտ զինեալներու անձնազոհութեան համահունչ բարձրութեան վրայ:

 

 

Ֆեթհիէ Չեթինի Խօսքը Հրանդ Տինքի 11-րդ Տարելիցին Առթիւ

$
0
0

Բարե՛ւ ձեզ, սիրելինե՛ր,
Արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը որոնողներ,
յոյսի եւ փողոցի անուշիկ զաւակներ, բարե՛ւ,

տասնմէկ տարի առաջ Հրանդ Տինքը այս մայթին վրայ ծոծրակէն կրակելով սպաննեցին:

Ամիսներ առաջ Հրանդի տան եւ «Ակօս»-ի շուրջ հետախուզելով` կրակող խումբ կազմակերպած ժանտարման, ոստիկանութիւնը եւ գաղտնի սպասարկութեան ծառայողները այդ օր, այս մայթին վրայ, սրճարաններուն մէջ, բոկեղավաճառ խանութներուն մէջ նստած` երկար ժամանակէ ի վեր իրենց ծրագրած ոճիրի գործադրման կը սպասէին:

Ոճիրը, ըստ ծրագրուածի, գործադրուելէն եւ նշանառուին փախուստ տալէն վստահ ըլլալէն ետք, այս անգամ, ոճիրը քննել ձեւացնելով, փորձեցին ոճիրին հետքերը վերացնել, փաստերը աղաւաղել, հաւաքել տեսախցիկներուն արձանագրութիւնները, որոնք պիտի ջնջէին հետագային:

Հակառակ անոր որ ոճիրը ամբողջութեամբ արձանագրած էին, «իբր թէ» փաստեր կը հաւաքէին, «իբր թէ» հարցաքննութիւն «կ՛ընէին»: Եւ այս «իբր թէ»-ները բնաւ չվերջացան:

Այդ օր պետութիւնը այստեղ էր: Պետութիւնը այստեղ էր իր ոստիկանութեամբ, ժանտարմաներով եւ գաղտնի սպասարկութիւններով: Սակայն ոչ թէ Հրանդ Տինքի կեանքի անվտանգութիւնը ապահովելու համար եւ ապրելու իրաւունքը պահպանելու համար, այլ` վստահ ըլլալու համար, որ կրակողները իրենց գործը տեղին կը կատարեն:

Հրանդ Տինքի սպանութիւնը քաղաքական ոճիրներու եւ սպանութիւններու առաջինը չէր անշուշտ եւ դժբախտաբար չեղաւ վերջինը:

Սակայն Հրանդ Տինքի սպանութիւնը հասարակութեան մէջ հակազդեցութիւն մը արթնցուց, որ իրենց հաշիւներէն դուրս էր: «Ա՛լ կը բաւէ» ըսել տուաւ: Հարիւր հազարաւորներ միացան յուղարկաւորութեան օրը, ու անոնք այժմ չեն կրնար փակել դատը, որ պիտի ուզէին քանի մը կրակողով փակել:

***

Օսմանեան կայսրութենէն` հանրապետութիւն, միակուսակցական համակարգէն` բազմակուսակցական կեանք, զինուորական իշխանութենէն` մենատիրական վարչակարգ, համակարգեր կը փոխուին, բայց պետութեան բնաւորութիւնը, գործելակերպը եւ զուլումը կը շարունակեն նոյնը մնալ:

Հասան Ֆեհմիի ոճիրէն մինչեւ Սապահէտտին Ալի, Ապտի Իփեքճիէն մինչեւ Տողան Էօզ, Ուղուր Մումճուէն մինչեւ Մուսա Անթեր` պետական պաշտօնեաներու դեր խաղացած եւ մարդասպաններուն պաշտպանած բոլոր ոճիրները պետութեան «քաղաքական սպանութիւններու աւանդութեան» մէկ մասնիկն են եւ պետութեան գոյութենական գործօններէն են:

Ունենալով տարբեր անուններ` մարդասպանները միշտ նոյնն են: Համիտիէ գունդերէն մինչեւ Թաշքիլաթը մահսուսա, Սեֆերպերլիքի քննիչ յանձնախումբերէն մինչեւ Քոնթըրկերիլլա, յատուկ պատերազմական ատեաններէն մինչեւ Ժիթեմ…

Իսկ այսօր` «Ոստիկանութեան յատուկ ուժեր», «Ժանտարմայի յատուկ ուժեր» եւ անպատժելիութեան զրահով վահանուելու ինքնավստահութեամբ` «Ժողովրդական յատուկ ուժեր»:

Շրջան մը ֆեթհուլլայականներուն հետ ուս-ուսի տուած` էրկենեքոնականներուն դէմ, իսկ յետոյ էրկենեքոնականներուն հետ միացած` բոլոր յանցանքները կը նետեն ֆեթհուլլայականներուն:

Քանի որ մեքենան նոյն մեքենան է, փոխուողը միայն մեքենագէտն է: Մի՛ նայիք այսօր` իբր թէ հակառակ բեւեռներու վրայ են, իրարու աչք կը փորեն, ասոնք նոյն հարթակին, նոյն գործիքին կցորդն են:

Ասոնց կռիւը սահմանուած է պետութիւնը ձեռք անցընելով եւ ձեռք ձգած դիրքերու իշխանութեամբ իրենց տիրութիւնը յաւիտենական դարձնելով:

Ասոնց հոգը չեն` ժողովրդավարութիւնը, խաղաղութիւնը, արդարութիւնը, մարդկային իրաւունքները:

Սակայն նոյնն է իրենց մղձաւանջը եւ նոյն վախէն կը սնանին ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը:

Ասոնց առաջին ինքնապաշտպանական գիծը ճշմարտութիւնը քողարկելն է, որմէ մահացու կը վախնան: Քանի որ գիտեն` ի վերջոյ արդարութիւնը պիտի գայ եւ հաշիւ պիտի պահանջուի Հայոց ցեղասպանութեան համար, Տէրսիմի համար, Մարաշէն մինչեւ Սըվազ, Իլհան Էրտոսթէն մինչեւ Մեթին Կէօքթեփէ, Թայպեթ Ինանէն մինչեւ Քեմալ Քուրքութ, մինչեւ Սեւակ Պալըքճը, Հրանդ Տինքէն մինչեւ Թահիր Էլչի:

Ճշմարտութիւնը քողարկելու եւ իշխանութեան շարունակութեան համար մշտական թշնամի հայերը, քիւրտերը, ալեւիները, ձախակողմեանները եւ ընդդիմադիրները կեղեքելու համար հրոսակներ կը ստեղծէ պետութիւնը, ձեռքերը արիւնով ոճրագործները գործի կը լծէ: Նախկին ոճիրները ծածկելու համար նոր ոճիրներ կը գործէ:

***

Առաւել եւս, ասիկա աշխարհին մէջ ամէն տեղ այսպէս է: Պետութիւն կոչուած համակարգը արիւնով, բռնութեամբ եւ վայրագութեամբ կը սաստէ ամէն տեսակ ազատական տենչ, ամէն տեսակ հաւասարութեան եւ արդարութեան պահանջ: Սակայն իր դէմ կը գտնէ Պրոմեթեւսները, Սպարտակները, Ռոզա Փարքսերը, Մանտելաները, Մարտին Լուտեր Քինկերը, Կանտիները եւ Փլազա Տել Մայոյի մայրերը:

Անթիւ ու անհամար դիմադրողականները, որոնց անուններն իսկ չենք գիտեր…

Եւ ի վերջոյ դիմադրողականները յաղթական կ՛ըլլան: Մանտելան բանտէն կ՛ազատի, ցեղապաշտ պետական համակարգը կը փլուզուի, եւ ինք կը դառնայ նախագահ: Հնդկաստանի մէջ Կանտին եւ հետեւորդները ի վերջոյ իրենց երկրէն կը վտարեն անգլիացի գաղութատէրերը: Ռոզա Փարքս իր ուզած դուռէն կը մտնէ հանրակառք եւ կը նստի իր ուզած տեղը:

Տասնչորս տարի առաջ, հարիւր տարուան ճշմարտութիւնը քողարկելու համար Հրանդ Տինքը աչքէ հանեցին: Իշխանութեան պայքարը անոր կեանքին վրայէն տարին: Այսօր եւս, իրենց կռիւները անոր վրայէն, այս անգամ դատավարութիւններու միջոցով կը տանին:

Կը շարունակեն իրենց հաշիւներ մաքրելուն մէջ շահագործել Հրանդ Տինքը, որուն կեանքը առած էին տասնմէկ տարի առաջ:

Կ՛ուզեն, որ հաւատանք իրենց նոր գրած թատերախաղին, եւ կ՛ուզեն, որ դադրինք զիրենք հետապնդելէ: Ըստ այս նոր թատերախաղին, Հրանդ Տինքի դահիճները իշխանութեան պայքարի պարտուած կողմն են, որոնց հետ տակաւին երէկ ձեռք-ձեռքի էին:

Ձեր գրած իւրաքանչիւր թատերախաղ ճշմարտութեան պզտիկ բաժինն է, պարոննե՛ր, չէք կրնար մեզ խաբել այսպէս, գրեցէ՛ք տեղ մը` կ՛ուզենք ճշմարտութիւնը եւ ամբողջ ճշմարտութիւնը: Գիտենք, որ ասիկա շատ դժուար է: Բայց եւ այնպէս, պիտի չհրաժարինք ոճրագործը մատնանշելէ եւ դատապարտելէ:

«Աշխարհը վտանգաւոր վայր մըն է ոչ թէ աթոռ շինողներուն պատճառով, այլ` անոնց, որոնք առանց բան մը ընելու նստած կը մնան» (Ալպերթ Այնըշթայն):

Ինչպէս աշխարհի միւս եւ նման երկիրներուն մէջ` այստեղ եւս բռնակալը իր ուժը կ՛առնէ հանդիսատեսներէն, իր հանդիսատեսներուն շնորհիւ կը զօրանայ, «ուժ»-ը կը դադրի «ոճիր» ըլլալէ` հանդիսատեսներէն առնուած լռելեայն հաւանութեամբ: Ոճրագործները չեն դատապարտուած, ոճիրները մնացած են անպատիժ:

1915-ի Ցեղասպանութիւնը իր հանդիսատեսները ոչ միայն վերածեց վկաներու, այլ այս մեծ աղէտի ընթացքին եւ ետքը գործուած բոլոր ոճիրներու մեղսակիցի վերածեց: Միայն դիմադրողականներուն, անարդարութեան դէմ կեցողներուն ձեռքերն են, որ մաքուր են:

Որովհետեւ Լեւինաս կ՛ըսէ, թէ` «Ուրիշին վրայ անսահման իշխանութիւնը միայն սպանութեամբ կարելի է: Սակայն մեռցնելով` մեռած կ’ըլլայ թիրախ ենթական»:

Որովհետեւ, այնքան ատեն որ չենք առերեսուիր Ցեղասպանութեան հետ, այդ մեծ աղէտին հետ, մեր կեանքը կը շարունակէ մնալ բռնութեան գերին, եւ փաստ է, որ ճիշդ այդպէս ալ եղաւ:

Որովհետեւ, ինչպէս Արենտթ կը յիշեցնէ, «Եթէ չարիքը մէկ անգամ պատահած է, պատճառ չկայ, որ մէկ անգամ եւս չպատահի: Ապրուածը կ՛արձանագրուի գիտակցութեան մէջ, եւ որքան որ անցեալին, այնքան ալ ապագային կը վերաբերի»:

Չարիքին ոտնաձայնները աւելի բարձր կը լսուին ամէն օր, կ՛ապրինք օրեր, որոնք կը սպառնան մեր ամբողջ կեանքին վրայ:

Արտակարգ իրավիճակը շարունակական եւ մնայուն վիճակի հասցուած է:

Օրինական կուսակցութեան մը համանախագահները, խորհրդարանի անդամները նետուած են բանտ, ընտրուած քաղաքապետներ արձակուած են իրենց պաշտօններէն: Լրագրողներ, իրաւապաշտպաններ, այլ երկիրներու հետ կեղտոտ յարաբերութիւններու պատճառով կը շարունակեն մնալ բանտերու մէջ:

Արտայայտութեան ազատութիւնը վերացած է: Լրագիրներ, հեռատեսիլներ փակուած, գիրքեր հաւաքուած են:

«Օրէնքի ուժով հրահանգներ»-ով հազարաւոր աշխատաւորներ կը հեռացուին իրենց աշխատանքներէն` առանց դատական վճիռներու: Այս ալ չի բաւեր, «գործս ետ կ՛ուզեմ» ըսելով` հացադուլի սկսած Նուրիէ եւ Սեմիհ կը բանտարկուին:

Բանուորական ոճիրները, կիներու դէմ ոճիրները հասած են կոտորածներու մակարդակի:

Միայն մարդիկ եւ կեանքերը չեն կոտրուողները: Հարիւրաւոր տարիներ դիմադրութիւն ցուցաբերած Քուրշունլու մզկիթի, Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիի, Քառոտանի մինարէի նման պատմական արժէքներ, հսկայական թաղամաս մը, անուններէն մէկը Կեաւուր թաղ եղող Սուրը բառին բուն իմաստով գետնի հաւասար եղած են, անշուշտ` դարձեալ պետական հսկողութեամբ: Զբօսայգիներ, յուշարձաններ, գերեզմանատուներ քանդուած են, եկեղեցիներ` պղծուած: Նոյնիսկ դիակները բռնութեան կ՛ենթարկուին:

Կարծես այս բոլորը չեն բաւեր, քաղաքացիները ոճիր գործելու քաջալերող, նոյնիսկ խրախուսող «Օրէնքի ուժով հրահանգներ»-ը եւ ամէն օր նորայայտ զինեալ մարզումի բանակավայրերը կարծես նոր ոճիրներու եւ կոտորածներու պատրաստութիւնը ըլլան:

Չըլլա՞յ թէ ծանր եւ նոր ամօթանքներ պիտի ապրեցնեն այս հասարակութեան, որ արդէն իսկ անցեալի ծանր ամօթանքներով բեռնաւորուած է:

Այս հասարակութեան ապագան հանդիսացող զաւակներուն, բացի ամօթանքէ, ուրիշ բան չունի՞նք կտակելիք:

Անշո՛ւշտ ունինք:

Մեր զաւակներուն ոչ թէ ոճիրի եւ բռնութեան ամօթանքը, այլ ժողովրդավարութիւն, տարբերութիւններով հանդերձ` միատեղ ապրիլ եւ բռնութեան ու զուլումին դիմադրելու մշակոյթը կտակելը տակաւին կարելի է:

Ժամանակն է Թահիր Էլչի ըլլալու եւ բռնութեան դէմ ելլելու, խաղաղութիւնը պաշտպանելու:

«Խաղաղութեան համար ակադեմականներ»-ու կողքին, «Այս ոճիրին մեղսակից չենք ըլլար» բարձրաձայնելու ժամանակն է:

«Շաբաթօրեայ մայրեր»-ուն հետ միասին, անոնց նման յամառ եւ աննկուն կերպով, առանց խրտչելու կամ յոգնելու` մեր զաւակներուն գերեզմաններն ու դահիճները փնտռելու ժամանակն է:

Օսման Քաւալայի նման` ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութեան, միատեղ ապրելու կամքին, Անատոլիայի մշակոյթին, արուեստին ու երգին կեանք տալու ժամանակն է:

Դատաւորներուն ու դատախազներուն գլուխները աւազի մէջ թաղած, փաստաբանական պալատներուն ամչկոտ յայտարարութիւններ ընելէն բացի, բան մը չըրած այս մթնոլորտին մէջ, 42 շաբաթէ ի վեր, իրաւունքի, օրէնքի եւ արդարութեան համար պայքարող «Արդարութեան հսկում»-ի կանգնած փաստաբաններուն կողքին հսկելու ժամանակն է:

Ժամանակն է կողքը կանգնելու Ահմեթ Շըքի եւ միւս լրագրողներուն, որոնք բռնութեան առջեւ չեն խոնարհիր:

Ժամանակն է ուժ տալու Նուրիէի եւ Սեմիհի ու իրենց նման «Օրէնքի ուժով հրահանգներ»-ու բռնութեան դիմադրողներուն:

Այշէ ուսուցչուհիին նման «երեխաները չմեռնին» ճչալու ժամանակն է:

Կը հարցնէ՞ք` ինչպէ՛ս պիտի ընենք:

Փողոցը կեանք է, ազատ տարածք է, սորվինք կիներէն եւ չլքենք փողոցը:

Քալենք ոչ թէ մարդասպաններուն եւ գողերուն ճամբայէն, այլ` Հաճի Հալիլներուն, որոնք ամէն տեսակ վտանգ աչքի առնելով` պաշտպանած են իրենց հայ դրացիները, Լիճէի կառավարիչ Հիւսէյին Նեսիմիներուն ճամբայէն, որոնք հայերու ջարդուելուն դէմ կեցած են:

Ըլլանք Հրանդ Տինք, մեր ծալած թեւերը լայն բանանք եւ հսկայ աշխարհը գրկենք ու մէջը սիրով լեցնենք:

Եկէ՛ք` ըլլանք Հրանդ Տինք, խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան, միատեղ ապրելու մշակոյթին եւ երկխօսութեան ամէնէն ընդարձակ ճակատը կազմենք:

Աշխարհը ստեղծուած օրէն ի վեր արդարութեան, ազատութեան, հաւասարութեան, խաղաղութեան համար պայքարողներու, դժոխքը դրախտի վերածել պահանջողներուն տոհմէն կու գանք: Ասկէ առաջ ըրած ենք, դարձեալ պիտի ընենք:

19 յունուար 2018

 

Ամերիկա` «Կաթի Եւ Մեղրի Երկիր» (2)

$
0
0

ՍԱՌԱ ԳՈԲՈՅԵԱՆ
Անգլերէնէ թարգմանեց` ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Շաբաթավերջին բոլորը գացին հայկական «փիքնիք»-ի, իսկ ես ինքզինքս բանտարկեցի սենեակիս մէջ ու մերժեցի ընկերանալ անոնց:

Վերադարձին յայտնեցին, որ Շիքակոյէն ժամանած փեսացուն անակնկալօրէն անհանգստացած էր եւ զայն փոխադրած էին հիւանդանոց, ուր անմիջապէս կուրաղիի գործողութեան մը ենթարկուած էր: Կը նշանակէ, որ քանի մը շաբաթ պէտք է հիւանդանոց մնայ: Խնդիրը ինքնաբերաբար լուծուած էր: Կը մեղքնայի մարդուկին, միեւնոյն ժամանակ հանգստացած էի: Այս մէկէն ալ ազատած էի:

Մեր դրացի Կելենեանները յայտնեցին նոր փեսացուի մը ժամանումը: Բոլորս միասին դարձեալ գացինք «փիքնիք»-ի:

Դասաւորած էին, որ երկուքս միասին քալենք եւ իրարու ծանօթանանք: Կը զգայի, որ ամէնքը զիս կը դիտէին: Անգլիայէն ժամանած հայուհիին:

Տուն վերադարձին հօրեղբօրս առաջին հարցումը եղաւ.

– Well, ի՞նչ կը մտածես:

– Չհաւնեցայ,- պատասխանս դարձեալ կատղեցուց հօրեղբայրս:

– Մարդը ո՛չ կոյր է, ո՛չ ալ կաղ: Արհեստաւոր է: Ունի իր հնակարկատի կրպակը: Հայերէն գրել-կարդալ գիտէ, եւ ամենակարեւորը` ամերիկեան քաղաքացի է: Ամերիկա մնալու պայմանաժամդ ամիսէ մը կ՛աւարտի:

Խօսելիք չունէի: Սէրը ուրկէ՞ կու գայ: Ըստ երեւոյթին, այդ մէկուն մասին մտածած չէի: Մեր հայրենիքին մէջ ինչպէ՞ս երկար տարիներ իրարու հետ կ՛ապրէին, երբ նախքան ամուսնութիւնը նոյնիսկ զիրար տեսած չէին ըլլար:

Այդ շաբթուան ընթացքին Կելենեան ընտանիքը քանի մը անգամ մեր տունը այցելեց` նոր փեսացուին մասին տեղեկութիւններ տալու:  Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ Ամերիկա եկած էր 16 կամ 17 տարեկանին: Իր զարմիկներուն հետ Շիքակօ կը բնակէր: Վախը մտաւ մէջս: Այնքան երկար լացի, որ կարծեցի պիտի անհանգստանամ:

Յաջորդ կիրակի դարձեալ «փիքնիք»-ի էինք: Բաւական տարիքոտ մարդ մը սկսաւ հարցուփորձել զիս: Հօրեղբայրս մօտենալով` հարցուց այդ անձին ո՛վ ըլլալը: Գաղափար չունէի, թէ ո՛վ էր այդ անձը: «Չեմ ուզեր, որ անծանօթ մէկու մը հետ խօսիս», զգուշացուց հօրեղբայրս: Պատասխանեցի` ըսելով, որ պարզապէս ուզեցի քաղաքավար ըլլալ եւ … սկսայ լալ:

Աւելի ուշ գիտցայ, որ այդ մարդը իր զարմիկներուն գրած է, որ գան եւ տեսնեն աղջիկ մը, որուն հետ հաւանաբար կարենայ ամուսնանալ: Զարմիկները չափազանց ուրախ էին: Անոնք բոլորն ալ իրմէ աւելի տարիքոտ էին: Անոնցմէ մէկը տակաւին ամուրի էր, իսկ երկուքը` ամուսնացած, սակայն պատերազմին անոնց ընտանիքները սպաննուած էին:

«Փիքնիք»-էն ետք սոյն անձը, իր զարմիկները եւ Ռէյսին գտնուող իրենց ազգականներէն քանի մը հատը եկան մեր տունը: Քաշուեցայ ննջասենեակս, դուռը փակեցի ու լացի: Հօրեղբայրս եկաւ մօտս` խրատելու եւ համոզելու.

– Ըստ երեւոյթին, շատ շնորհքով մարդիկ են: Ընկերացիր ինծի եւ ծանօթացիր միւսներուն: Երբ Հայկ Գոբոյեանը մօտենայ քեզի, ոտքի ել եւ ձեռքդ երկարէ իրեն եւ ամէն բան կը յստականայ:

– Ո՛չ: Այդ մէկը չեմ կրնար ընել,- ըսի արցունքներս սրբելով:

– Անխելքութիւն մի՛ ըներ: Եթէ քեզ հաւնած չըլլար, իր զարմիկներուն Շիքակոյէն բերել չէր տար, որ քեզ տեսնեն:

Գացի ու երեսս լուացի: Աչքերս կարմրած էին: Մտայ նստասենեակ ու նստայ դողդողալով: Հայկ ելաւ տեղէն եւ ուղղուեցաւ դէպի ինծի: Հօրեղբօրս պատուէրը գործադրեցի: Ոտքի ելայ, ձեռքը թօթուեցի, ապա մնացեալ հիւրերուն հետ:

Զարմիկներուն մեկնելէն ետք հօրեղբայրս Հայկին ըսաւ, որ եթէ իսկապէս կը փափաքի ամուսնանալ հետս, ուրեմն իր ժամացոյցը պէտք է ձգէ իմ մօտս:

– Ժամացոյցս հետս առնելու մոռցեր եմ,- ըսաւ, ապա` դրամապանակէն հանեց 20 տոլարնոց մը ու տուաւ ինծի: Այդքան մեծ գումար բնաւ չէի տեսած:  Ստացած գումարս երկարեցի հօրեղբօրս եւ անդրադարձայ, որ թնճուկը քակելու յոյս չունէի:

Հօրեղբօրս բարեկամներէն պարոն Գոսեանը հետս առանձին խօսելու առիթ մը ստեղծեց` ըսելու, որ ինք Հայկը լաւ կը ճանչնայ, լաւ բնաւորութեամբ անձ մըն է եւ յաջորդ օր բոլորս հրաւիրեց իր տունը ընթրիքի, եւ զիս նստեցուցին Հայկին քով: Իրարու հետ ոչ մէկ բառ փոխանակեցինք:

Ընթրիքէն ետք պարոն Գոսեանին դուստրը` Վիրճինիան, Հայկին եւ ինծի «ստիպեց», որ դուրս ելլենք միասին քալելու: 10 վայրկեանէն աւելի քալեցինք` առանց իսկ իրարու հետ բառ մը փոխանակելու: Մտանք պաղպաղակավաճառի մը մօտ, զիս հիւրասիրեց պաղպաղակով ու վերադարձանք տուն: Առաջին անգամն էր, որ այր մարդու մը հետ առանձին կը քալէի:

Յաջորդ օր Հայկը չերեւցաւ: Ոչ թէ կը սիրէի, այլ պարզապէս հաճելի էր իրեն հետ ըլլալ, եւ որեւէ պատճառաբանութիւն չէի գտներ մերժելու իր ամուսնութեան առաջարկը:

Յաջորդ օր դարձեալ եկաւ եւ միասին գացինք ճաշարան մը: Դարձեալ իրարու հետ ոչ մէկ բառ փոխանակեցինք:

Ընտանիքս ուրախ էր, որ ամէն ինչ դէպի լաւ սկսած էր յառաջանալ:

Հայկական սովորութիւններուն համաձայն, նշանտուքը նոյնքան կարեւոր է, որքան` ամուսնութիւնը:

Հայկը` իմ ապագայ ամուսինս, գործէն արձակուրդ առաւ եւ ժամանեց Ռէյսին, ուր մենք կը բնակէինք: Հօրեղբայրս, իր կինը, զարմուհիս` Հելէնը եւ Շամշոյեան ընտանիքը` բոլորս միասին գացինք քաղաքին կեդրոնը` ամուսնական մատանի մը գնելու: Ամերիկայի անգործութեան դժուար տարիներն էին, սակայն հօրեղբայրս ընտրեց այդ ժամանակուան ամենաարժէքաւոր մատանին: Նշանտուքի հաւաքոյթի թուականը որոշուեցաւ, հրաւիրեց իր բոլոր ընկերները, եւ պատրաստուեցաւ հայկական ճաշերով լեցուն սեղան մը, որուն մէկ մասը տրամադրուած էր քաղաքապետարանին կողմէ, ինչպէս` հաց, ալիւր եւ բրինձ:

Հայկին պարտաւորութիւնն էր նշանտուքի հագուստը, որ պատրաստուած էր հօրեղբօրս լաւ բարեկամներէն մէկուն կողմէ: Երկար թեւերով, վարդագոյն, գեղեցիկ հագուստ մը:

Այդ տարիներուն, հայ կղերականի չգոյութեան պատճառով, Շիքակոյէն Հայկին բարեկամներէն մէկուն «Հայր Մեր»-ով Հայկ մատանին անցուց մատս, իսկ կնքամայրս դաստակիս անցուց ապարանջան մը: Նշանտուքի միակ նուէրները, զորս ստացայ:

Օրը բաւական լաւ անցաւ, սակայն ուրախ չէի: Համոզուած էի, որ այլընտրանք չունէի: Ընդունած էի ամուսնութեան առաջարկը, որպէսզի հօրեղբայրս անձնասպանութիւն չփորձէ:

Նշանտուքին յաջորդ քայլը, առանց ժամանակ կորսնցնելու, ամուսնութիւնս էր, որպէսզի կարենայի 6 ամսուան յաւելեալ կեցութեան վիզա մը ապահովել: Պայմանները ամբողջացնելէ ետք տեղի ունեցաւ մեր պետական պսակը` Ռէյսինի կառավարական շէնքին մէջ: Որպէս վկայ` ներկայ էին տէր եւ տիկին Կիւլենեանները:

Հայկ պէտք էր անմիջապէս վերադառնար Միլուաքի: Դրացիները եկան շնորհաւորելու: Տեղեակ չէի, թէ ի՛նչ կ՛անցնի կը դառնայ:

– Աւելի ուշ կղերականի մը օրհնութեամբ պիտի ամուսնանա՞նք,- հարցուցի:

– Ամուսնացած ես,- վստահեցուցին: – Միտքդ փոխելու պարագային, պէտք է, որ ամուսնալուծուիք:

Հասկնալով որբանոցներու մէջ հասակ առած ըլլալս` հօրեղբօրս մօտիկ բարեկամներէն,  Ռէյսինէն տէր եւ տիկին Վարդուկեանները եւ իրենց աղջիկը` Էվանժէլին, մեծ օգտակարութիւն ունեցան: Տիկին Վարդուկեանը, հակառակ օտար ըլլալուն, Ռէյսին հայկական գաղութին մեծ ներդրում ցուցաբերած էր: Հայկին, ինծի եւ քանի մը բարեկամներ հրաւիրեց իր բնակարանը:

Ճաշէն ետք նկատելի էր թուղթէ պատրաստուած հովանոց մը, որուն վրայ գրուած էր` «Սառա՛, վերցուր զիս», եւ երբ վերցուցի հովանոցը, նկատեցի բաւական մեծ թիւով փաթթուած տուփեր: Տիկին Վարդուկեանը ըսաւ, որ բանամ այդ տուփերը: Խոհանոցի մէջ  ամէնօրեայ գործածուելիք ապրանքներ էին: Աւելի ուշ իմացայ, որ այդ հաւաքոյթին կու տան «Շաուըր» անունը:

Երախտագիտութիւնս յայտնեցի Վարդուկեան ամոլին:

 

Մինչեւ այդ օրը որեւէ տեղեկութիւն չունէի Հայկին մասին, նոյնպէս տեղեակ չէի, թէ ան, ի՛նչ կը մտածէ իմ մասիս. սակայն այդ օր արտայայտուեցաւ, որ շատ լաւ տպաւորուած էր իմ անգլերէնի տիրապետումէս եւ հպարտ էր ինձմով եւ ճիշդ որոշում կայացոուցած էր` տեղի չտալով եւ քանի մը անգամ Ռէյսին երթալ-գալով եւ հարցուփորձելով զիս:

Վերջապէս ինծի այնքան երկիւղ պատճառող եկեղեցական ամուսնութեան թուականը հասաւ: Հայկին Շիքակօ բնակող 3 զարմիկները յանձն առած էին հարսանիքին ծախսերը: Հայկական սովորութիւն է, որ հարսանիքին ծախսերը պարտաւոր է հոգալ տղուն կողմը: Կնքամայրս, որ Հայկին ազգական էր, ժամանեց Շիքակոյէն եւ զիս տարաւ վարսայարդարի մը: Առաջին անգամն էր, որ կը յաճախէի վարսայարդարի մը: Երկար, սեւ մազերս լուաց եւ պատշաճ կերպով սանտրեց: Երբ Շիքակօ հասանք, գրեթէ կէս գիշեր էր եւ արցունք չէր մնացած աչքերուս մէջ:

Փոխ առնուած ճերմակ հարսանեկան հագուստ մը հագած էի: 10 տարեկան զարմուհիս Հելէն` խանդավառ էր: Ինքն ալ հագած էր ճերմակ հագուստ մը եւ մեր «ծաղիկ թափողն» էր, սակայն ծաղիկ չկար:

Հարսանիքը տեղի ունեցաւ Հայկին զարմիկներէն մէկուն բաւական մեծ տան մէջ: Հելէնը հարսանեկան հագուստիս փէշը բռնած` կը հետեւէր ինծի ննջարանէն նստասենեակ, ուր հաւաքուած էին բաւական մեծ թիւով հիւրեր, որոնց մեծամասնութիւնը ինծի անծանօթ էր:

Հարսանիքը տեղի ունեցաւ հայ կղերականով մը, որմէ ետք ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ տան գետնայարկը, ուր կարելի էր գտնել տարբեր տեսակի հայկական ճաշեր, ինչպէս նաեւ` ոգելից ըմպելի եւ գարեջուր, զորս ես կ՛ատէի եւ բնաւ չէի համտեսած: Ամերիկայի անգործութեան տարիներն էին, եւ շատ քիչեր միայն նուէր բերած էին: Ընդունելութիւնը տեւեց մինչեւ կէս գիշեր:

Լոս Անճելըս, 2018
(Շար. 2)

Սուրիա. Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեանը Կը Մասնակցի «Մատատ» Կեդրոնին Կազմակերպած Գիտաժողովին

$
0
0

«Բերիոյ Նիւզ»-ը կը յայտնէ, որ շաբաթ, 20 յունուար 2018-ին Դամասկոսի «Շերաթոն» պանդոկի մէջ, «ՄԱՏԱՏ» հետազօտութիւններու եւ ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ «Ազգային ինքնութիւնը, Սուրիոյ ճգնաժամի լոյսի ներքեւ ընթերցումներ եւ ակնարկներ» խորագիրով գիտաժողովը:

Կազմակերպուած գիտաժողովին մասնակիցները հաստատեցին ազգային ինքնութեան ամրապնդումը, որուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ հասարակութեան միասնութիւնը. անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ազգային ինքնութեան վտանգ հանդիսացող գործօններուն:

Մասնակիցները ընդգծեցին պատերազմի ընթացքին ազգային ինքնութեան մարտահրաւէրները քննարկելու կարեւորութիւնը:

Գիտաժողովին զանազան թեմաներով իրենց մասնակցութիւնը բերին սուրիացի քաղաքական, մտաւորական եւ այլ խաւի ակնառու անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին էր նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ, քաղաքական գործիչ, մտաւորական եւ թարգմանիչ դոկտ. Նորա Արիսեանը:

Դոկտ. Արիսեանը ելոյթ ունեցաւ «Սուրիական ինքնութիւնը եւ սուրիահայերը` իբրեւ մշակութային բազմազանութեան օրինակ» խորագիրով. ան ներկայացուց հայկական ինքնութեան փուլերը` ընդգծելով հայկական տարողութիւնը սուրիական ինքնութեան մէջ եւ սուրիական տարողութիւնը հայկական ինքնութեան մէջ, հաստատելով, որ` «Սուրիահայերը կը ներկայացնեն սուրիական հասարակութեան մշակութային բազմազանութեան ամենաուժեղ օրինակը»:


ՀՅԴ 127-ամեակի Ժողովրդային Խանդավառ Հանդիսութիւն Շուէտի Մէջ

$
0
0

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 127-ամեակը հանդիսաւոր ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ նշուեցաւ կիրակի, 21 յունուար 2018-ի յետմիջօրէին: «Սարդարապատ» նորաբաց կեդրոնին սրահը նեղ էր արդէն ճշդուած ժամէն առաջ իսկ ժամանած հոծ բազմութեան համար: Ուշագրաւ ու մանաւանդ գօտեպնդող երեւոյթ էր երիտասարդութեան տիրական ու մեծաթիւ ներկայութիւնը:

Հանդիսութիւնը ձեռնհասութեամբ վարեցին ՀՅԴ ՇԵՄ-ի ընկերներ Գոհար Յակոբեանը եւ Սերոբ Պապափիլաւեանը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ, ՀՅԴ ՇԵՄ-ի անունով, Վարդենի Եագուպեանը, որ հակիրճ պատմականով ներկայացուց Դաշնակցութեան անցած ու գծած 127-ամեայ ուղին, ապա հրաւիրեց Շուէտի ՀՅԴ կոմիտէն` յանձինս Սմբատ Գրիգորեանի, որ արտասանէ իր խօսքը: Ան շեշտը դրաւ Դաշնակցութեան գաղափարական աշխարհահայեացքին եւ յեղափոխական էութեան ու նկարագիրին վրայ, ինչպէս նաեւ ներկայացուց համայնքին մէջ կուսակցութեան մեծ ընտանիքին ծաւալած միամեայ գործունէութեան հանգանակը:

Ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ-ն բնութագրող ծաւալուն ու բաւականին ամբողջական տեսերիզ:

Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով հանդէս եկան` Մարինա Երէցեանը` ներկայացնելով «Պիտի գնանք» երգը, Մերի Սիմոնեանը` «Դու իմ հայրենիք» երգը, Համազգայինի «Այգ» պարախումբը` ներկայացնելով հայկական պարերու փունջ մը, իսկ Սէրլի Մարգէեանը եւ Նանսի Խաչատուրեանը միասնաբար ասմունքեցին Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան»-էն հատուածներ:

Օրուան պատգամը տուաւ Հրաչ Վարժապետեանը, որ ներկայացնելէ ետք Դաշնակցութեան անցնող տարուան քաղաքական ու Հայ դատի իրագործումները յատկապէս Եւրոպայի տարածքին, իր խօսքին առանցքը դարձուց Հայաստանը` արցախեան օրակարգ, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւն, յառաջիկայ ընտրութիւններ եւ համակարգի ճակատագրական փոփոխութիւն, սահմաններ-հայոց բանակ, պետականաշինութեան շարունակուող գործընթաց եւ մասամբ նորին: Ան եզրափակեց` ըսելով, որ հայրենիքն է, ներկայ մեր Հայաստանն է մեր մտքին ու հոգիին թռիչք ու իմաստ տուող միակ ու անփոխարինելի կռուանը եւ ամուր հիմնաքարը մեր ցարդ չլուծուած սրբազան Դատին ու մանաւանդ անսասան խարիսխը` մեր վախճանական նպատակին, ամբողջական Հայաստանին:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ յեղափոխական երգերու խանդավառ մթնոլորտի մէջ` կատարողութեամբ գաղութի սիրուած երգիչ Համօ Երէցեանի եւ իր նուագախումբին:

 

Խմբագրական. Ժողովրդահաճոյախօսութիւն, Կենսոլորտ Եւ Ընտրութիւններ

$
0
0

Լիբանանի առջեւ ծառացող մարտահրաւէրները` վարչակառավարականէն ընկերային-տնտեսական, ուսուցիչներու խոստացուած աշխատավարձերու յաւելումներու առկախումէն մինչեւ կենսոլորտի, փտածութեան եւ քաղաքացիական շարժում անուան տակ առաջադրուող բազմաթիւ խնդիրներ, սուր կերպով իրենք զիրենք զգալի կը դարձնեն:

Այս բոլորին վրայ կ՛աւելնայ ներպետական հակասութիւններու սրումը դրսեւորուած հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահներուն միջեւ հեռակայ բանավէճով: Որքան ալ ընդգծուի այդ հակասութեան վարչական բնոյթը եւ հանգստեան կոչուած թոշակառուներու ստանալիք իրաւունքներուն հետ կապուած թնճուկի երեւոյթը, այնուամենայնիւ համակողմանի համոզումի կը վերածուի այն, որ խնդիրը ըստ էութեան քաղաքական ենթահող ունի:

Այս բոլորին առընթեր,  հրապարակային եւ տեղեկատուական շրջանառութեան մէջ կը դրուի ընտրական օրէնքի բարեփոխման հրամայականը շեշտող վերլուծաբանութիւնը, որ եթէ մէկ կողմէ կ՛արծարծէ ընտրական օրէնքին բացթողումները, կասկածի տակ առնելով ժողովրդավարական կարգերու կիրարկման ապահովութիւնը, միւս կողմէ հասարակական ընդհանուր ենթագիտակցութեան մէջ ընտրութիւններու յետաձգման հաւանականութիւնը արմատներ նետելու առիթ կ՛ընծայէ:

Մինչ, ո՛չ միայն ընտրական օրակարգով, այլ ընդհանրապէս սահմանադրական ընթացակարգի փուլերու յարգումներու մօտեցումները եւ մանաւանդ պաշտօնավարման ժամկէտներու աւարտի թուականները անխախտելի պահելու պետական որոշ կեդրոններու պնդումները կը տարհամոզեն բոլոր անոնք, որոնք ընտրութիւններու յետաձգման հաւանականութեան մասին շրջանառուող հրապարակումներու կը հետեւին:

Քաղաքական այս խճանկարին մէջ ժողովրդահաճոյ յայտարարութիւնները, լիբանանցի ժողովուրդը կենսոլորտային աղէտէ փրկելու համար նախաձեռնուած քարոզչական գործողութիւնները մտածել կու տան ներկայ ժամանակը ընտրարշաւային նպատակներու համար լիարժէք օգտագործելու մղումներու մասին:

Ժողովրդահաճոն իր մէջ ունի նաեւ զգայացնցումի գործօնը. եւ այն ինչ որ զգայացունց է, շատ արագ տեղ կը գրաւէ ոչ անպայման հաւաստիութեան հանդէպ նախանձախնդրութիւն ցոյց տուող լրատուամիջոցին համար:

Այսպէս է, որ իրականութեան չհամապատասխանող յայտարարութիւնը առանց ստուգման ենթարկուելու կը հարուածէ մամլոյ նշանակէտը եւ անպատասխանատու յայտարարութիւնը կը գրաւէ մամուլի լուրերուն առաջին հորիզոնականը:

Այս տեսաբանութենէն անցնինք վերջին օրինակին: Լիբանանեան ծովափը հարուածած աղբերու ալիքին մակընթացութեան սկզբնագօտիին մասին  առանց ստուգուելու կատարուած յայտարարութիւնը, փոխանակ յետ ստուգման շրջանառութեան մէջ դրուելու, ընդօրինակութիւն-տեղադրում (քափի փէյսթ) այսօրուան մակերեսային լրագրողականութեամբ կը գրաւէ նկատելի տարածականութիւն եւ կ՛ազդէ հանրային կարծիքին վրայ:

Աղբերու պատճառով ծովային ապականում եւ կենսոլորտային տագնապ, այո գոյութիւն ունին: Հանրութիւնը այս մասին իրազեկելու համար պէտք է յենիլ կենսոլորտի մասնագէտներու հետաքննութիւններու եւ անոնց եզրակացութիւններուն վրայ` տագնապին լուծում բերելու աշխատանքներուն ձեռնարկելու համար:

Արագ ժողովրդահաճոյախօսութեան մղումով կատարուող իրողութիւններու աղաւաղումը, հարցերու լուծման ճիշդ ճանապարհը մատնացոյց չեն ըներ:

Այս բոլորը կրկնակի սխալներու տեղի կու տան, եթէ կատարուին ոչ թէ կենսոլորտի միջազգային չափանիշներու պահպանման ակնկալութեամբ, այլ զուտ ընտրական հաշուարկներով:

Վերադառնանք ընտրութիւններուն եւ նախատեսենք, որ քաղաքացիական նման պահանջներ հասկնալիօրէն մաս պիտի կազմեն խորհրդարանական ընտրարշաւներու հռետորաբանութեան, կարգախօսերուն, պահանջներուն եւ քուէահաւաքի աշխատանքներուն:

Հայկական քաղաքական շրջանակները խօսքը չի վերաբերիր քաղաքական այդ շարժումներուն ներառած հայ անհատներուն եւ յատկապէս Դաշնակցական շրջանակները եւս քաղաքացիական խնդիրները կը ներառեն իրենց ընտրական ծրագիրներուն մէջ. մէկ առաջնային տարբերութեամբ` առաջադրելով այնպիսի լուծումներ, որոնք այսօրուան պայմաններու նկատառումով կը նպատակադրեն իրականացնել արմատական եւ հեռանկարային լուծումներ համալիբանանեան տարողութիւն ստացած տագնապին:

Գաղափարական Հարցեր. Օլաֆ Փալմէ. Արմատական Ընկերվարականը

$
0
0

20-րդ դարուն արեւմտեան աշխարհի եւ միջազգային քաղաքական գետնի վրայ բռնատիրական-ամբողջատիրական կարգերը ցնցող, ամէն տեսակի խտրականութեան դէմ խօսող եւ ընկերային ու տնտեսական արդարութեան ձայնը բարձրացնող աստղ մը փայլեցաւ Օլաֆ Փալմէ անունով:

«Սկանտինաւեան ընկերվար-ժողովրդավարութիւն.- Գ. Շուէտի ընկերվար-ժողովրդավարական մտածողութեան զարգացման հոլովոյթը» խորագրեալ յօդուածիս մէջ (լոյս տեսած` «Ազդակ»-ի 9 նոյեմբեր 2017-ի թիւին մէջ) նշած էի, որ Օլաֆ Փալմէի ղեկավարութեան ժամանակաշրջանին պիտի անդրադառնամ այլ յօդուածով մը, որովհետեւ Փալմէն իր իւրայատկութիւնը ունի Շուէտի ընկերվար-ժողովրդավարական գաղափարական ուղղութեան զարգացման մէջ եւ յատկապէս` 1960-ական եւ 1970-ական թուականներուն ծաւալած «նոր ձախ» շարժման վրայ անոր ունեցած ազդեցութեան առումով:

Օլաֆ Փալմէ ծնած է 30 յունուար 1927-ին, Շուէտի մէջ: Կրակոտ ու գաղափարապաշտ երիտասարդ մը` շուտով կը դառնայ տեղական աշխատաւորական ու ընկերվար-ժողովրդավարական շարժման սիւներէն մէկը: 1947-1948 տարիներուն Փալմէ ուսանելու կրթաթոշակ կը ստանայ Միացեալ Նահանգներու Քենիըն քոլեճին մէջ: Միացեալ Նահանգներու մէջ ան կը հանդիպի սեւամորթներու նկատմամբ գոյնի հիմքի վրայ խտրականութեան, առաւել եւս ազգային եկամուտի անարդար վերաբաշխման երեւոյթին, որ կը մարմնաւորուէր համատարած աղքատութեամբ: Իր Միացեալ Նահանգներ այցելութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ Փալմէ համակրի ընկերվարութեան եւ իր վերադարձին (1949) կ՛անդամակցի Շուէտի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան` գործելով կուսակցութեան երիտասարդական թեւին մէջ: 1955-ին ան կը դառնայ Շուէտի Ընկերվար- ժողովրդավարական երիտասարդական միութեան խորհուրդի անդամ: Փալմէի կարծիքը հետեւեալն էր ընկերվարութեան մասին. «Ես կը տեսնեմ, որ ընկերվարութիւնը կը հաստատուի իբրեւ աստիճանական ու դաստիարակչական ընթացք, ուր մարդիկ աստիճանաբար կը ստանան պատասխանատուութիւնները, որոնք տրուած են դրամատէր փոքրամասնութեան»:

1950-ականներուն Փալմէ կ՛այցելէ Ասիոյ ցամաքամասի հարաւն ու հարաւ-արեւելքը (Հնդկաստան, Սրի Լանքա, Թայլանտ, Պուրմա, Ինտոնեզիա եւ Սինկափուր): Այստեղ ան կը տեսնէ գաղութատիրութեան ծանր հետեւանքները` բռնագրաւուած երկիրներու բնիկ ժողովուրդներուն շահագործումը բռնագրաւող ուժերուն կողմէ: Փալմէ կ՛անդրադառնայ դէպի Հնդկաստան եւ Միացեալ Նահանգներ իր այցելութեան եւ իր գաղափարական ուղղութեան վրայ այդ այցելութեան ունեցած ազդեցութեան` ըսելով. «Ես դարձայ ընկերվարական, երբ այցելեցի Հնդկաստան եւ տեսայ սոսկալի աղքատութիւնը այն ժամանակ, երբ մարդիկ սարսափելիօրէն հարուստ էին»:

Ահա այս զարգացումներուն բերումով կը կազմուի Փալմէի գաղափարական ուղղութիւնը, որ ընդգրկած էր աւանդական ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը, պսակուած` հակագաղութատիրական, հակացեղապաշտ եւ բոլոր զրկուածներուն հետ միջազգային համերաշխութեան սկզբունքներով (ներառեալ` ազգային-ազատագրական պայքար):

Փալմէի կողմէ Շուէտի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավարութեան ստանձնման ժամանակաշրջանը շրջադարձի յատուկ պահ մըն էր դէպի միջազգայնօրէն ձեւաւորուած «նոր ձախ» շարժում` յարմարցնելով ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը «նոր ձախ»-ի խաղաղասիրական, կնոջական, ազգային-ազատագրական եւ արմատական ժողովրդավարութեան ուղղութիւններուն:

Նախ եւ առաջ Փալմէ կը զարգացնէ ընկերային բարեկեցութեան համակարգը` հասնելու համար հասարակական աւելի համեստ խաւերուն: Սկսելով բանուորութենէն, ան աւելի լայն իրաւասութիւններ կու տայ արհեստակցական միութիւններուն` աշխատավայրերուն մէջ որոշում տալու հարցերուն շուրջ, ինչպէս` աշխատավարձի, աշխատանքի ընդունման եւ աշխատանքէ ազատ կացուցելու հարցերը: Կառավարութիւնը նաեւ աշխատանքի բնութեան շուրջ կ՛օրինականացնէ, որ մաքուր եւ ապահով միջավայրի մը մէջ աշխատի բանուորը: Փալմէ նաեւ կը բարձրացնէ հարկային տոկոսը մեծ ընկերութիւններուն վրայ` Շուէտը դարձնելով Եւրոպայի մէջ ամէնէն բարձր հարկային համակարգ ունեցող պետութիւնը (որոշ պարագաներու` հասցնելով մինչեւ իսկ 80 տոկոսի): Ան կը կատարէ եկամուտներու վերաբաշխում` հսկայական ներդրումներ կատարելով ընկերային ապահովագրութեան, առողջապահական եւ կրթութեան բնագաւառներուն մէջ, ինչպէս` ատամնաբուժութեան ապահովագրութիւն, բնակարանային յատուկ յատկացումներ կարիքաւոր մարդոց համար եւ հաշմանդամներու թոշակային ապահովագրութիւն: Նորութիւն մտցնելով Շուէտի մէջ` Փալմէ երկրին դռները կը բանայ բռնատիրական կառավարութիւններու հակամարդկային ոճիրներէն փախստականներուն առջեւ, կը ջնջէ կառավարութեան հերթական հանդիպումները Շուէտի թագաւորին հետ` այսպիսով նուազեցնելով թագաւորին իրաւասութիւնները:

Երկրի արտաքին քաղաքականութիւնն ալ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ: Շուէտը իր արեւմտեան ամերիկամէտ միտումներէն շրջադարձ կատարեց եւ դարձաւ առաջին արեւմտաեւրոպական պետութիւնը, որ յայտարարեց անկողմնակալութիւն կամ չէզոքութիւն: Նաեւ, եւրոպական քաղաքականութեան մէջ Շուէտը առաջին պետութիւնը եղաւ, որ բացայայտօրէն կը դատապարտէ ամբողջատիրական, ցեղապաշտ, ռազմապաշտ եւ հակաժողովրդավարական կարգերն ու արտաքին զինուորական միջամտութիւնները: Փալմէ քննադատեց Վիեթնամի պատերազմը, Հարաւային Ափրիկէի մէջ ցեղային խտրականութեան քաղաքականութիւնները, Չիլիի բռնապետ Փինոշէի յեղաշրջումը, իսկ միւս կողմէ` իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հարաւային Ամերիկայի մէջ զինեալ պայքարին` ընդդէմ բռնատիրական կարգերուն, Հարաւային Ափրիկէի մէջ հակացեղապաշտ ընդդիմութեան, ինչպէս նաեւ` համայնավարական պետութիւններուն մէջ կիրարկուած հակաժողովրդավարական քաղաքականութիւններուն:

Այսօր Փալմէն (իր գաղափարներով) եւս դարձած է յիշողութեան առարկայ, մանաւանդ` պետական յաւելեալ աջակցութեամբ ընկերային ապահովագրութեան իմաստով, որովհետեւ այսօր աշխարհը (ներառեալ` Հայաստանը) կը դիմագրաւէ նոր-ազատականութեան կողմէ կիրարկուած խստամբերական, եկամուտի անարդար բաշխման, հարկային անարդար քաղաքականութեան (նուազեցնելով մեծ ընկերութիւններու վրայ ծանրաբեռնուած հարկային տոկոսը) վրայ հիմնուած ընկերային-տնտեսական լուրջ հարցեր, ինչպէս` աղքատութիւն, անտունիներու գոյութիւն եւ արտագաղթ: Ուստի, աւելի քան որեւէ ժամանակ4 հրամայական կը դառնայ, որ աշխարհի մէջ գործող բոլոր ընկերվարական կուսակցութիւնները վերադառնան իրենց ընկերային արդարութեան եւ համերաշխութեան արժէքներուն` կեցնելու համար նոր-ազատական յորձանքը:

 

Ամերիկա` «Կաթի Եւ Մեղրի Երկիր» (3)

$
0
0

ՍԱՌԱ ԳՈԲՈՅԵԱՆ
Անգլերէնէ թարգմանեց` ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Ի՜նչ փորձառութիւն… Ահաւասիկ ամուսնացած եմ անձի մը հետ, որուն հետ քանի մը բառ միայն փոխանակած ենք: Տեղեակ չէի, թէ ո՛ւր պիտի տանի զիս, բնակարան մը ունի՞, թէ՞ ոչ: Ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս սպառած էի:

Հայկին ըսուած էր, որ իր հարսին հետ պէտք է առանձնանայ: Կեանքիս ամենատխուր օրը: Մեր ամուսնութեան թուականը` 28 սեպտեմբեր 1935:

Միասին քալեցինք` առանց իրարու հետ մէկ բառ իսկ փոխանակելու: Հասանք մօտակայ պանդոկ մը եւ հոն է, որ տեղեկացայ, թէ ի՛նչ կը պատահի` որպէս ամուսնացած զոյգ, եւ վախէս կը դողայի:

Պանդոկին մէջ մնացինք երկու օր, ապա վերադարձանք Հայկի զարմիկին տունը: Ուրախ էին, որ իրենց ամենակրտսեր զարմիկը` Հայկ, ամուսնացած էր ուսեալ աղջկան մը հետ: Այդ էր իրենց գլխաւոր մտածումը:

Քանի մը օր մնացինք հոն, ապա գացինք Միլուաքի: Չէի գիտեր` ո՞ւր պիտի բնակինք: Բնաւ այդ մասին չէր արտայայտուած, իսկ ես բնականաբար չէի հետաքրքրուած:

Հասանք Լինքըն պողոտայ: Բացաւ նորապսակ զոյգին բնակավայրին դուռը: Չէ՛: Ո՛չ պանդոկ էր, ո՛չ ալ տուն: Հնակարկատի արհեստանոց մըն էր` իր լման սարքերով, նաեւ` քանի մը կօշիկի ներկարարի աթոռներ: Խանութին ետեւի մասը կը գտնուէին` անկողին մը, աթոռ մը եւ շատ փոքր պատուհան մը, բնական կազէ օճախ մը, քանի մը աման, քանի մը գաւաթ եւ փոքր, շա՛տ փոքր սեղան մը, որուն վրայ   երկու հոգի հազիւ թէ կարենային միասին ճաշել: Կողքին` փայտէ աստիճան մը, ուրկէ կարելի էր իջնել գետնայարկը, ուր կը գտնուէր բաղնիք մը եւ լուացարան մը: Ունէինք նաեւ տաք ջուր:

Այդ շրջանէն մարդ չէի ճանչնար: Գոսեանները կը բնակէին քաղաքի հիւսիսային մասը: Ինքզինքս առանձին կը զգայի:

Հայկին օրական եկամուտը կը տարուբերէր 30-50 սենթի միջեւ: Կ՛ապրէինք շաբաթը 5 տոլարէն նուազ գումարով: Այդ տարիներուն կապոց մը հացի գինն էր 10 սենթ, իսկ 12 հաւկիթի համար կը վճարէինք 12 սենթ:

Գնումներ կատարելու դժուարութիւն ունէի: Շատեր չէին հասկնար անգլիական շեշտով խօսած անգլերէնս: Նպարավաճառէն «պիսքըթ» կ՛ուզէի եւ չէր հասկնար: Աւելի ուշ սորվեցայ, որ Ամերիկայի մէջ «քուքի» կը կոչուի:

Երկու շաբաթէն աւելի է, որ ամուսնացած էինք եւ տակաւին զիրար լաւ չէինք ճանչնար:  Հայկին զարմիկներէն մէկուն կինը օր մը եկաւ եւ ամուսնիս հարցուց, թէ կրնա՞մ 5 փոքրերու հոգատարութեամբ զբաղիլ: Մայրերնին ինքնաշարժի արկած մը անցուցած էր եւ բաւական երկար պէտք էր հիւանդանոց մնար: Բնականաբար իմ կարծիքս չհարցուցին, եւ որոշողը եղաւ Հայկը:

Փոխադրուեցայ փոքրերուն բնակավայրը: Չորսը դպրոց կը յաճախէին: Միայն մէկը, որ երկու տարեկան էր, տունը կը մնար: Օրս կ՛անցընէի այդ փոքրիկին հետ: Շաբաթավերջերուն Հայկը կու գար ինծի այցելութեան:

Այդ շրջանին մէջ բաւական հայեր կ՛ապրէին, եւ գրեթէ բոլորը կ՛աշխատէին նոյն գործարանը: Գրեթէ բոլորին ծանօթացայ հանրային բաղնիքի մէջ: Տուները բաղնիք չունէին այդ տարիներուն, եւ լոգանքի համար բոլորը կը յաճախէին թաղին անկիւնը գտնուող հանրային բաղնիքը:

Բաւական ժամանակ ետք տիկին Գաչիկեանը դուրս եկաւ հիւանդանոցէն, սակայն տակաւին ի վիճակի չէր տան գործերով կամ երեխաներով զբաղելու, եւ ես իրենց մօտ մնացի շուրջ 3 ամիս:

Մինչ այդ նամակ մը ստացայ ամուսնոյս Ռէյսին բնակող ազգականներէն մէկէն: Տիկին Շամշոյեանը անհանգիստ էր, եւ պէտք էր երթայի հոգ տանելու իր 9  տարեկան զաւկին: Քանի մը հագուստ առի հետս ու գացի Ռէյսին` Շամշոյեաններուն բնակարանը, ուր մնացի աւելի քան մէկ ամիս:

Ռէյսին գտնուած միջոցիս նամակ մը ստացայ ամուսինէս, որ կը տեղեկացնէր, թէ իր զարմիկներէն մէկուն աղջկան հարսանիքի պատրաստութեան համար պէտք էր երթայի իրենց մօտ` օգտակար հանդիսանալու:

Քանի մը ամիս եղած էր մեր ամուսնութեան, եւ շատ քիչ ժամանակ անցուցած էի մեր տան մէջ: Ամէն կողմէ կը կանչէին օգնութեան: Երբեմն կը մտածէի` ա՞յս է ամուսնական կեանքը: Ամուսին ունենալ եւ իրարմէ հեռու ապրիլ:

Օր մը ամուսինէս նամակ մը ստացայ: Կը յայտնէր, որ անմիջապէս վերադառնամ տուն: Տիկին Շամշոյեանը ամբողջովին չէր ապաքինած, եւ կը քաշուէի ըսելու, որ պէտք է վերադառնամ տուն: Կը սպասէի, որ ամուսինս ընէր այդ առաջարկը:

Նոյն շրջանին 6 ամսուան կեցութեանս պայմանաժամը աւարտեցաւ: Ամերիկեան Գաղթականական գրասենեակի օրէնքներու համաձայն, պէտք էր վերադառնայի Անգլիա եւ դարձեալ մուտք գործէի` որպէս ամերիկեան քաղաքացիի մը կինը, սակայն նիւթական կարողութիւնը չունէինք Անգլիա երթուդարձի տոմս մը գնելու: Նամակ մը գրեցի Գաղթականական գրասենեակ` պարզելով մեր նիւթական նեղ կացութիւնը եւ խնդրելով, որ փոխանակ Անգլիա երթալու`  երթամ Քանատա ու ապա վերադառնամ Ամերիկա: Քանատա շոգեկառքով քանի մը ժամուան հեռաւորութիւն է: Բարեբախտաբար ընդունեցին խնդրանքս:

Քանատա հասնելուս` ուղղակի կորսուած էի: Ոչ ոք ունէի զիս դիմաւորող եւ տեղեակ չէի, թէ ո՛ւր է ամերիկեան դեսպանատունը: Մեծ դժուարութեամբ կարողացայ գտնել: Հոն ֆիզիքական ընդհանուր քննութիւն մը կատարեցին` վստահ ըլլալու համար առողջական վիճակիս մասին: Մանկութեանս վատառողջ եղած էի, բարեբախտաբար ամէն ինչ լաւ ընթացաւ եւ վերադարձայ Ամերիկա: Այժմ թռչունի մը նման ազատ էի: Ոչ ոք իրաւունք ունէր զիս դուրս դնելու:

Ամիսներ հոս ու հոն թափառելէ ետք, վերջապէս մուտք գործեցի ամուսնոյս փոքրիկ «տնակը»` իր չափէն աւելի աղքատիկ կահաւորումով:

Կիրակի օրերը Ռէյսին կ՛երթայինք «փիքնիք»-ի կամ այլ հաւաքներու, սակայն եւ այնպէս, ինքզինքս առանձին կը զգայի: Պակաս բան մը կար:

Յաճախ կ՛այցելէի շրջանի ամերիկեան տարբեր եկեղեցիներ: Կը ծանօթանայի նոր մարդոց: Ինքզինքս նուիրած էի Աստուծոյ: Այդ բարի Աստուածը, որ հրաշքով մը զիս ազատեց ու բերաւ այս սքանչելի երկիրը:

* * *

Ամուսինս ինծի պէս հաւատացեալ չէր: Ամերիկա չգաղթած` իր գիւղի եկեղեցւոյ մէջ  դպրութիւն ըրած էր, սակայն Ամերիկա հաստատուելէ ետք բնաւ եկեղեցի չէր այցելած: Ինծի կը հարցնէր, թէ ինչո՞ւ պէտք է սորվինք աղօթքները, իսկ ես կը բացատրէի, որ աղօթք սորվելու կարիքը չունինք: Պարզապէս երբ Աստուծոյ հետ կը խօսինք, ինչպէս երկու անհատներ, այդ խօսակցութիւնը կը կոչուի աղօթք:

Պնդումներուս վրայ օր մը ինծի ընկերացաւ եւ գացինք ամերիկեան եկեղեցի մը: Հայկական եկեղեցի չունէինք այդ տարիներուն, իսկ երեկոյ մը նկատեցի, որ արցունքոտ աչքերով Աւետարան կը կարդայ: Այդ մէկը մեծ մխիթարութիւն էր ինծի համար:

Հաճոյքի վայրեր չէինք այցելեր: Միակ հաճոյքս Աստուծոյ տունը յաճախելն էր: Եկեղեցի յաճախելով`  քանի մը նոր մարդոց ծանօթացայ, բոլորն ալ` ինծի պէս աստուածավախ: Հայկը միայն մէկ անգամ հետս այցելեց եկեղեցի:

Երկու աղջիկներու մայր էի: Իլոյիս եւ Լիւսի: Տրուած ըլլալով, որ որբանոցներու մէջ անցուցի մանկութեանս ու պատանեկութեանս տարիները, եւ բարձրագոյն ուսում ստանալու առիթը չընծայուեցաւ ինծի, այդ պատճառով մեր կարելին ըրինք, որ մեր երկու աղջիկները ստանան բարձրագոյն ուսում: Երկուքն ալ յառաջադէմ աշակերտուհիներ էին: Երկրորդական վարժարանը,  ինչպէս նաեւ քոլեճը աւարտեցին բարձր յիշատակութեամբ:

Իլոյիզ իր բարձրագոյն ուսումը ստացաւ Քալիֆորնիա նահանգին մէջ եւ նոյն համալսարանի ուսանող Ճէյմ Նիլլի հետ ընտանիք կազմեց: Ճէյմին հայրը պատուելի էր: Թեքսասէն ժամանեց եւ ինք կատարեց մեր զաւակներուն պսակի արարողութիւնը: Աւելի ուշ, երէց աղջիկս` Լիւսի, դարձեալ Քալիֆորնիոյ մէջ ընտանիք կազմեց Ճորճ Սթենտի հետ: Ճորճին հայրը նոյնպէս  պատուելի էր:

Հիանալի փեսաներ ունիմ, զորս կը սիրեմ այնքան, որքան` իմ հարազատ աղջիկներս:

Բախտաւորուած եմ 4 թոռներով: Իլոյիս եւ Ճիմ ունին մանչ մը եւ աղջիկ մը` Պրենթ եւ Լիզա, իսկ Լիւսի եւ Ճորճ` երկու մանչ զաւակներ` Մարք եւ Սթիվըն:

Ճիմ եւ Իլոյիզ միսիոնարներ են: Առաքելութեամբ մեկնեցան Պարսկաստան: Դժուար էր բաժանումը: Առաջին թոռնիկս` Պրենթ, երկու տարեկան էր: Որքան ալ բաժանումը դժուար ըլլար, ուրախ էի, որ Աստուծոյ նուիրուած առաքելութեամբ մը մեկնած էին:

Պարսկաստան մնացին ամբողջ 8 տարի: Երկրորդ թոռնիկս` Լիզա, Պարսկաստան ծնած է:

Յեղափոխութեան դժուար տարիներուն հոն էին, սակայն Աստուծոյ օրհնութիւնը  իրենց վրայ էր: Միացեալ Նահանգներ վերադարձան 1969-ին: Կարելի չէ նկարագրել ուրախութիւնս, երբ բոլորը դիմաւորեցի:

Երբ առաքելութենէն վերադառնալու ժամանակը եկաւ, անկարելի էր Պարսկաստան վերադառնալ երկրի քաղաքական խառնակ վիճակին պատճառով: 1980-ին ուղարկուեցան Պէյրութ, սակայն հոն եւս եղբայրասպան կռիւներ տեղի կ’ունենային:

Ամուսինս` Հայկ, մահացաւ 23 ապրիլ 1982-ին, 86 տարեկանին: Մահէն կարճ ժամանակ ետք երկու աղջիկներս իրենց ընտանիքներով ներկայ գտնուեցան իրենց հօր յուղարկաւորութեան: Յուզիչ վերամիացում մըն էր, սակայն բոլորս ալ կը հաւատայինք, որ օր մը բոլորս իրարու դարձեալ պիտի միանանք երկինքի արքայութեան մէջ:

Կը հաւատամ, որ ամուսնոյս մահը Աստուած այնպէս մը դասաւորած էր, որ աղջիկներս իրենց ընտանիքներով ներկայ գտնուին յուղարկաւորութեան:

Հայկ, եթէ 6 ամիս աւելի երկար ապրէր, աղջիկս` Էլոյիս եւ իր ընտանիքը վերջին հրաժեշտը պիտի չկարենային տալ իրենց հօր եւ մեծ հօր: Իրենց Պէյրութ վերադարձէն ետք օդակայանը ամիսներով փակ մնացած էր, եւ պատերազմի դաժան  օրերը համտեսած էին, բայց եւ այնպէս, Աստուծոյ կամքով, ողջ առողջ վերադարձած էին Ամերիկա:

Բազմաթիւ անգամներ ամերիկացի բարեկամներ հետաքրքրուած են ազգութեամբս:

Հպարտօրէն` «Armenian» պատասխանած եմ: Մեծամասնութիւնը չէին լսած Armenia, Հայաստանի մասին: Իրենց կը բացատրէի, որ հայերը պետականօրէն քրիստոնէութիւնը ընդունող առաջին ազգը եղած են եւ Հին կտակարանին մէջ երկու անգամ յիշուած է Հայաստան անունը, երբ Նոյեան տապանը կանգ առաւ Հայաստանի ամենաբարձր լերան` Արարատի գագաթին:

«Ձեր լեզուն յունարէնի կամ ռուսերէնի նմանութիւն ունի՞», յաճախ կը հարցնէին: Բոլորին նոյն պատասխանը կու տայի: Մեր լեզուն իւրայատուկ է եւ որեւէ լեզուի նմանութիւն չունի: Հայոց լեզուն միայն մեզի կը պատկանի:

Ամերիկահայերը, նաեւ` աշխարհի չորս կողմը, ամէն տարի ապրիլ 24-ին կ՛ոգեկոչեն 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը` ներկայութեամբ ամերիկացի քաղաքական մարդոց:

Ամերիկացի բարեկամներուս յաճախ կը յիշեցնեմ, որ մէկ ու կէս միլիոն հայեր սպաննուեցան թուրքերու կողմէ, հարիւր հազարներով բռնեցին գաղթի ճամբան, սնանեցան խոտ ուտելով: Տասնեակ հազարաւոր որբ երեխաներ հասակ առին ամերիկեան որբանոցներու մէջ, եւ հակառակ այս բոլորին` հայերը տակաւին կ՛ապրին ու կը բարգաւաճին: Կը պահեն իրենց աւանդութիւններն ու մշակոյթը: Քալիֆորնիա նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքի ամենայայտնի վաճառականները, փաստաբանները, եւ ճարտարարուեստի մարդիկը հայեր են:

Լոս Անճելըսի մէջ ունինք բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներ եւ վարժարաններ: Նոր սերունդը առիթը ունի սորվելու մեր մայրենին:

Ուիսքանսընի մէջ կան աւելի քան 600 ընտանիքներ, որոնց մեծամասնութիւնը կը բնակի Ռէյսինի մէջ: Ռէյսինի եւ Միլուաքիի մէջ ունինք երկու հայկական եկեղեցիներ:

Տարիներ առաջ Ուիսքանսընի քաղաքապետ Լուսէյը ապրիլ 24-ը հռչակեց սուգի օր` յարգելու համար յիշատակը 1915-ի հայ զոհերուն:

Ընտանիքէս, թոռներէս, զարմիկներէս եւ հրաշալի բարեկամներէս բացի, բոլոր անոնք, որոնք կարդացին կեանքիս պատմութիւնը, կ’ուզեմ իւրաքանչիւրին յայտնել, թէ որքան երանելի եւ երջանիկ ենք, որ կը բնակինք երկրի մը մէջ, որ կը կոչուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:

Յաճախ կը մտածեմ` ի՞նչ պիտի ըլլար վիճակը, ինծի պէս տասնեակ հազարաւոր որբերու վախճանը, եթէ գոյութիւն չունենար American Relief Society մարդասիրական կազմակերպութիւնը: Մեծ մասը պիտի ըլլար սովամահ, իսկ ինծի պէս քիւրտ ընտանիքի մը քով ապաստանած հայերը քանի մը տարիէն պիտի քրտանային եւ բռնի իսլամանային:

Շնորհիւ այդ սքանչելի կազմակերպութեան` ինծի պէս հազարաւոր հայեր պահած են իրենց հայ ինքնութիւնը, իրենց կրօնը:

Երախտապարտ եմ եւ հանդերձ ընտանեօք նուիրուած ենք քրիստոնեայ եկեղեցւոյ եւ մարդասիրական միութիւններու:

Աստուծոյ հրաշքով է, որ մնացի հայ: Մնացի քրիստոնեայ: Ինծի պէս Ամենակալ Աստուծոյ նուիրուած են նաեւ երկու աղջիկներս` իրենց ընտանիքներով:

Փափաքս է, որ եթէ վստահ չէք ձեր փրկութեան, դիմեցէ՛ք մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի, որ ձեզի պիտի պարգեւէ նոր կեանք մը:

Յաւիտենական կեանք մը:

 

Լոս Անճելըս, 2018
(Շար. 3 եւ վերջ)          

Յառաջադէմ Առաջին Հանրապետութենէն Մէկ Դար Անց Ժամանակն Է Հայաստանի Մէջ Քրէականացնելու Ընտանեկան Բռնութիւնը

$
0
0

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

«Մայր Հայաստան»-ը` Երեւանի թերեւս ամենաբարձր արձանը, իր բարձունքէն ուշի-ուշով կը հետեւի թրքական սահմանին: Ազգային այս խորհրդանիշը նոյն պազալթէ պատուանդանին վրայ փոխարինեց դաժան բռնապետ Եոսիֆ Ստալինի արձանը, վերջինին մահէն ետք: Յուշարձանը, որ իր մէջ կը կերպարանաւորէ խաղաղութիւն` ուժի միջոցով, կարծես Հայաստանի կանացի մարմնաւորումն է: Ան նաեւ դիտողին կրնայ յիշեցնել աւելի քան մէկ դար առաջ երկարատեւ եւ արիւնալի հայկական ազատագրական շարժման մէջ կիներուն ունեցած դերին մասին: Պայքար, որ 1375-էն սկսեալ դարեր շարունակ պետականութենէ զուրկ ըլլալէ ետք, ի վերջոյ յանգեցուց 1918 մայիս 28-ին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման:

Երկու տարուան կարճատեւ կեանք ունեցած Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը կիներուն ընտրական` ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքով օժտած առաջին պետութիւններէն էր, նոյնիսկ  աւելի կանուխ, քան` Միացեալ Նահանգներու կիները, որոնք ստիպուած էին սպասելու մինչեւ 1920 թուականին ընդունուած տասնիններորդ սահմանադրական փոփոխութիւնը:

Այսօր Հայաստանի Ազգային ժողովի 105 պատգամաւորներէն 19-ն կիներ են: 1919 թուականին Ա. Հանրապետութեան 80 հոգինոց խորհրդարանին մէջ եւս կային կին պատգամաւորներ` Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեանը, Կատարինէ Զալեան-Մանուկեանը եւ Վարվառա Սահակեանը: Ա. Հանրապետութիւնը նաեւ տուած է արդի ժամանակաշրջանի առաջին կին դեսպանը (դիւանագէտ)… Տիանա Աբգարը եղած է Ճափոնի մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը:

Այս յօդուածը նպատակ ունի ընդգծել «Ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման եւ ընտանեկան բռնութեան ենթարկուած անձերու պաշտպանութեան մասին» օրէնքին նախագիծին կարեւորութիւնը` որպէս կիներու հզօրացման ուղղուած առաջին քայլերէն մէկը. թեմա, որ առաջնային դեր ունի 21-րդ դարուն Հայաստանի զարգացման հարցով: Օրինագիծը մշակուած է անցեալ տարի Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ եւ վերջերս ներկայացուած` խորհրդարան: Կ’ակնկալուէր, որ քուէարկութեան դրուի մինչեւ 2017 թուականի տարեվերջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ եօթը պատգամաւոր ունեցող Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ)  իր աջակցութիւնը յայտնած է օրինագիծին ընդունման` ակնկալուող որոշակի շտկումներէն ետք: ՀՅԴ-ն առաջարկուած օրինագիծը կը համարէ հասարակական արժէքային համակարգի կարեւոր մէկ մասը, որ անհրաժեշտ է առողջ հասարակութեան համար: Վերջերս ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչը, ներկայ գտնուելով Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Ընկերվարական կիներու միջազգայնականի (Ընկերվարական միջազգայնականին կից կուսակցութիւններու` ընկերվարական, ընկերվարական-ժողովրդավարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններու կիներու կազմակերպութիւններու միջազգային կազմակերպութիւն) խորհուրդի համագումարին, հաստատեց իր աջակցութիւնը` ամէնուր կիներուն նկատմամբ բռնութեան վերացման:

Այս յօդուածը ժամանակակից հայկական ֆեմինիստական մանիֆեստ հիմնելու կամ հայկական կեանքին «ինքնութեան քաղաքականութեան» մէջ ներգրաւուելու փորձ չէ: Եթէ հայերը կը ձգտին հաստատելու արդար հասարակութիւն, ապա անոնք պէտք է անտարբեր չըլլան անարդարութեան նկատմամբ եւ համակրանք դրսեւորեն փոխադարձ յարգանքի նկատմամբ: Թէեւ հայ քաղաքական կեանքին մէջ կիներու օրակարգը ընդհանուր առմամբ կը մնայ չսահմանուած, բաւականին մասնատուած եւ երբեմն անտեսուած, դէպի հայ կիներու հզօրացում տանող ուղին հայկական քաղաքական օրակարգին անբաժանելի մասն է: Այս պարունակին մէջ ժամանակակից հայ քաղաքական միտքը  սեռային անհաւասարութիւնը պէտք է դիտարկէ որպէս ուժերու անհաւասար բաշխման ուղղակի հետեւանք: Ան նաեւ պէտք է ներգրաւուած ըլլայ` առաջին հերթին կեդրոնանալով կիներու եւ աղջիկներու հանդէպ բռնութեան վերջ տալու վրայ:

 

Երեք Նկատառումներ

Նախ` ակնյայտ է, որ հասարակութեան մէջ խնդիր կայ, եւ Հայաստանի մէջ առկայ օրէնսդրական կարգաւորման դաշտը բաւարար չէ անոր համարժէք անդրադառնալու համար: Ընտանեկան բռնութեան դէմ ճշգրիտ օրէնքը անհրաժեշտ է` լրացնելու Ընտանեկան օրէնսգիրքին մէջ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Քրէական օրէնսգիրքին առկայ դրոյթները: Այս պարունակին մէջ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը կարեւոր է ոչ միայն այն պարագային, երբ թեման բուռն քննարկումներու առիթ կը դառնայ, այլեւ առաւել կարեւոր է, երբ անոր շուրջ քննարկումներ չկան:

Երկրորդ` կիներու իրաւունքները պէտք չէ դիտարկուին աշխարհաքաղաքականութեան տեսանկիւնէն (այսինքն` տարածաշրջանային ուժերն ու Արեւմուտքը), որոնք երբեմն սխալ երանգ կը հաղորդեն այս հարցերուն: Հայաստանի յետխորհրդային հասարակութեան մէջ շատերը դեռեւս կիներուն հասարակական կազմակերպութիւններու ջանքերը կը դիտարկեն որպէս օտարերկրեայ պետութիւններու կողմէ ֆինանսաւորուող օրակարգ:

Հակառակ արեւմտեան կառավարութիւններէն ոմանք եւ ոչ կառավարական նուիրատուները զգալի  դրամական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն Հայաստանի վտանգի ենթարկուած կիներու աջակցող հայաստանեան հասարակական կազմակերպութիւններուն, սակայն միեւնոյնն է, ան չի տար պատկերին ամբողջութիւնը: Յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել Հայաստանի հետ եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեանն ու ընդլայնման բանակցութիւններուն: Եւրոպական յանձնաժողովի հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Եոհաննէս Հանը վերջերս յայտարարած է, որ Եւորպական Միութիւն-Հայաստան համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը կը ստորագրուի նոյեմբերի սկիզբը Պրիւքսելի մէջ (համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ, Խմբ.): Յանձնակատարը շեշտեց, որ առաջին անգամ Եւրասիական միութեան անդամ հանդիսացող երկիրը հեռահար համաձայնագիր կը ստորագրէ Եւրոմիութեան հետ: Ան աւելցուց. «Ատիկա ցոյց կու տայ, որ համակեցութիւնը հնարաւոր է, եւ անիկա կրնայ օրինակ ծառայել միւսներուն համար»:

Թէեւ Հայաստանի ներառական արտաքին քաղաքականութիւնը ողջունելի է, սակայն հայ քաղաքական միտքը պէտք է տարբերակէ սեռային քաղաքականութիւնը աշխարհաքաղաքականութենէն:

Վերջին 10 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ կիներու շարժման փոքր, բայց դրական աճի միտում կը նկատուի: Այնուամենայնիւ, Հայաստանը դեռեւս կը գտնուի տնտեսական անցման փուլի մէջ, եւ քիչեր կրցած են ֆինանսական միջոցներ յատկացնել` աջակցելու կիներու հզօրացման ուղղութեամբ աշխատող հասարակական կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ` ընտանեկան բռնութեան զոհերու համար ապաստանարաններ կառուցելուն: Այսօր ընդամէնը քանի մը նման ապաստանարաններ գոյութիւն ունին:

Այստեղ դեր ունի նաեւ հայկական սփիւռքը:  Այն կազմակերպութիւնները, ինչպիսին է Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ), որ հանդէս եկած է ընտանեկան բռնութեան օրինագիծին լիովին աջակցող յայտարարութեամբ, կրնայ աւելին ընել: Ան կրնայ, օրինակ, վերանայիլ իր ծրագիրներուն Հայաստանի մէջ եւ, ի լրումն մանկապարտէզի եւ մանկատան աւանդական ծրագիրներուն, միջոցներ յատկացնել այնպիսի ծրագիրներու, ինչպիսիք են տարածաշրջանային ապաստանարանները, որոնք անհրաժեշտ են նոր օրինագիծին աջակցելու համար:

Հայ հասարակութիւնը չի կրնար փոխակերպուիլ, եթէ չփոխէ այդ հասարակութեան մէջ կիներուն դիրքը:

Երրորդ` Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ նշուած արժէքներու համաձայն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կողմէ ստորագրուած միջազգային պայմանագիրներով սահմանուած կարգով, այսպիսի օրինագիծ մը լիովին օրինական է:

Հայաստանը ստորագրած է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Ընդհանուր ժողովին կողմէ 1979 դեկտեմբեր 18-ին ընդունուած «Կիներու նկատմամբ խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին պայմանագիրը», որ կը գործէ որպէս «Կիներու իրաւունքներու միջազգային օրինագիծ»: Որպէս Հայաստանի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի յանձնաժողովներու հինգերորդ եւ վեցերորդ պարբերական զեկոյցներու մաս` առաջարկութիւններ եղած են արագացնելու «յատուկ կիներու նկատմամբ սեռային  բռնութիւնը քրէականացնող համընդգրկուն օրէնքի ընդունումը»:

Նման օրէնք մը նաեւ համահունչ է ՀՅԴ-ի տեսակէտներուն եւ արժէքներուն: Դեռեւս 1909-ի սկիզբը, իսկ յետոյ նաեւ` Ա. Հանրապետութեան ընթացքին, ՀՅԴ-ն պաշտօնապէս կ’աջակցէր կիներու եւ տղամարդոց հաւասարութեան, կիներու քուէարկելու եւ ընտրուելու իրաւունքին եւ աշխատավայրերու մէջ կիներու եւ երեխաներու վերաբերող այլ իրաւունքներուն:

Հակառակ ներկայիս իշխող Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան հետ քոալիսիոնի մէջ ըլլալուն` ՀՅԴ-ն իր պատմութեան մէջ բազմիցս աչքի ինկած է յառաջադէմ արժէքներու պաշտպանութեամբ:  Ան կ’արժեւորէ Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւնները միջազգային հանրութեան առջեւ, քանի որ հասկցեր է, որ  քաղաքակիրթ հասարակութիւններուն մեծ մասը ընդունած է ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման դէմ գործընթացներ (տե՛ս ՀՅԴ խորհրդարանական դաշինքի ներկայացուցիչին յայտարարութիւնը. «Մեր դաշինքը կ’աջակցի այս օրէնքին ընդունման, քանի որ մենք աշխարհի մէկ մասն ենք»):

Հայաստանի մէջ ընտանեկան բռնութեան խնդիրը կը շարունակէ մնալ ազգային ճառի սահմաններուն մէջ: «Armenian weekly»-ի 2014-ին լոյս տեսած յօդուածին մէջ քննարկուած էր խնդրին լրջութիւնը` եզրափակելով. «Այս սարսափելի յանցանքին դէմ պայքարող նուիրեալ կիներ եւ տղամարդիկ օգնութեան կարիք ունին»: Հայաստանի մէջ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման մասին օրէնքի ներդրումը Հայաստանի հասարակութեան տարբեր շերտերուն հնարաւորութիւն կու տայ մասնակցելու այս գործընթացին: Այս վէճը պէտք է ներառէ նաեւ Հայաստանի սփիւռքը:

Ջանքերը` Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան, որ անցեալ տարի մշակած է այս օրինագիծը, պէտք է ողջունուին յարատեւ արժէքներու յարող կուսակցութիւններուն կողմէ, ինչպիսին է ՀՅԴ-ն: ՀՅԴ-ի համար ընտանեկան բռնութեան մասին օրէնքը իր հիմքով կրնայ դիտարկուիլ որպէս ընկերային արդարութեան հարց: Եթէ ընտանեկան բռնութեան Հայաստանի մէջ շարունակաբար բաւականաչափ ուշադրութիւն չդարձուի, կը նշանակէ, որ հայ հասարակութիւնը կը թերագնահատէ կիները, (որոնք կը կազմեն Հայաստանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը)` որպէս քաղաքացիներ եւ մարդ արարած եւ ուղերձ կը յղէ, որ անոնք տղամարդոցմէ աւելի քիչ արժէք ունին: Այս մէկը իր հերթին կը խարխլէ ամբողջ հայ հասարակութեան  հիմքերը:

 

Եզրայանգումներ

Արդի հայ քաղաքական միտքը պէտք է վերակառուցէ 1991 թուականէն ետք յետխորհրդային համայնավարական անցումէն ի վեր այս հարցին շուրջ գոյութիւն ունեցող պահպանողական զրոյցը: Թէեւ հայաստանեան հասարակութեան մէջ սեռային անհաւասարութեան խնդիրը բաղկացած է բազմաթիւ ենթախնդիրներէ, սակայն հեղինակը վճռականօրէն կը հաւատայ, որ վերաբերմունքի փոփոխութիւնը պէտք է որեւէ տեղէ սկսիլ:  Հայաստանի մէջ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման մասին օրէնքը կրնայ այդ առումով կարեւոր մեկնակէտ դառնալ: Ի հարկէ, ոչ մէկ օրինագիծ ի սկզբանէ կատարեալ է, բայց ատիկա պէտք չէ պատճառ հանդիսանայ զայն մերժելու համար:

Հայ պետական ազգայնականութեան նեղ, յետխորհրդային տարբերակը ի զօրու չէ փոխարինելու ազգային գաղափարախօսութիւնը եւ ճշգրտօրէն արտացոլելու հայկական աւանդական արժէքները: Սեռային հաւասարութիւնը պէտք է արժեւորուի հաւասար հնարաւորութիւններու պարունակին մէջ: Միջազգային հանրութիւնը «Կիներու նկատմամբ խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին  համագումար», հազարամեակի զարգացման նպատակներու եւ այլ պայմանագիրներու եւ պարտաւորութիւններու միջոցով, որոնց ստորագրեալ կը հանդիսանայ նաեւ Հայաստանը,  ճանչցած է սեռային հաւասարութեան ապահովման կարեւորութիւնը:

Հայկական պետականութեան հարիւրամեայ յոբելեանին ընդառաջ` արդի հայ քաղաքական միտքը պէտք է այս օրինագիծէն այն կողմ աւելի խորքային հարցերու լուծում տայ, օրինակ` ինչո՞ւ Հայաստանը աշխարհի վրայ Չինաստանէն ու Ազրպէյճանէն ետք կը զբաղեցնէ երրորդ տեղը պտուղի սեռով պայմանաւորուած վիժումներու թիւով: Արդեօ՞ք Հայաստանի կենսաթոշակային համակարգը պատշաճ ուշադրութիւն կը դարձնէ կիներուն:  Ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ գործազրկութեան մակարդակը աւելի բարձր է կիներու շրջանակներուն մէջ: Ինչպէ՞ս հայ կիներուն հետ հասարակական կազմակերպութիւնները աւելի սերտ կրնան փոխգործակցիլ իրենց գործունէութեան տարածքներուն մէջ եւ նպաստել կիներուն հզօրացման ու ինքնակառավարման գիւղական համայնքներուն մէջ, ուր արտերկիր աշխատանքի մեկնելու պատճառով կը բացակային մեծ թիւով տղամարդիկ:

2018-ի շեմին հայկական քաղաքական միտքը պէտք է աւելի լայնախոհ ըլլայ եւ տեսնէ` ինչպէ՛ս կրնայ կիներուն աւելի լայն ներգրաւուածութիւնը նպաստել հայ հասարակութեան զարգացման:

Հայաստանի բնակչութեան աւելի քան 55 տոկոսը կազմող կիները անտեսուած են` որպէս կենսունակ տաղանդի աղբիւր: Հայ կիները անցեալին աշխատած են տղամարդոց կողքին, եւ նման աշխատանք նուիրապետական չէր, քանի որ նախարդիւնաբերական շրջաններուն մէջ տղամարդիկ եւ կիներ կ՛աշխատէին տուներուն մէջ ու յարակից տնտեսութիւններով: Հայ կիները աշխատած են հագուստի, օճառի, մոմերու եւ այլ անհրաժեշտ կենցաղային ապրանքներու արտադրութեան մէջ: Արդիւնաբերական յեղափոխութենէն ետք արտադրութիւնը տնային տնտեսութիւններէն տեղափոխուեցաւ գործարաններ, հայ կիները խորհրդային ժամանակաշրջանին հաւասար իրաւունքներ ունեցան թէ՛ աշխատանքի, թէ՛ կրթութեան բնագաւառներուն մէջ, ունենալով նաեւ արտօնութիւններ (օրինակ` նախածննդեան եւ յետծննդեան արձակուրդ, ինչպէս նաեւ վիժումներու օրինական իրաւունք` 1920-էն ի վեր): Խորհրդային Հայաստանի մէջ կիները չափազանց «նուրբ» չէին գործարաններուն մէջ աշխատելու, յաջողակ ճարտարագէտներ ըլլալու կամ Բ. Համաշխարհային պատերազմին մասնակցելու համար:

1991-էն ետք Հայաստանի կիներուն ընկերային-տնտեսական վիճակը կտրականապէս փոխուեցաւ, քանի որ Հայաստանի տնտեսութիւնը անկում ապրեցաւ Խորհրդային Միութեան փլուզման հետ, նուազեցան աշխատատեղերն ու բարձրացաւ աղքատութեան մակարդակը: Շատ առումներով, նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հապշտապ, անկանոն (եւ ի վերջոյ` աղէտալի) սեփականաշնորհման ջանքերը խորացուցին Հայաստանի ապարդիւնաբերականացումը: Որպէս Հայաստանի յետխորհրդային քլանային  նոր-դրամատիրութեան հետեւանք` շատ կիներ կը շարունակէին կորսնցնել աշխատանքը, որ նպաստեց հայ հասարակութեան մէջ կիներուն այսօրուան տէ ֆաքթօ ցած կարգավիճակին:

Բացի ասկէ` գոյութիւն ունին տարբեր այլ հանգամանքներ, որոնք այսօր կը խոչընդոտեն կիներուն մասնակցութիւնը Հայաստանի քաղաքական կեանքին: Անոնց կարգին` սեռային կարծրատիպերը, սեռային դերերը, կիներուն տնտեսական անկախութեան եւ ընկերային դրամագլուխին պակասը, ինչպէս նաեւ` երկրին մէջ գերակշռող քաղաքական մշակոյթը: Հայ կնոջ դերը հասարակութեան մէջ կարծես նուազած է վատ կառավարման, սակաւապետներու ղեկավարման եւ անցնող 25 տարիներու սին պետական ազգայնականութեան ազդեցութեան ներքոյ:

Հայ ժողովուրդը արժէքաւոր հաւաքական նախագիծ է: Եւ կը ներառէ հասարակութեան բոլոր անդամները: Մենք պէտք է ճիշդ հիմա գործենք, որպէսզի ըստ արժանւոյն, գնահատենք այն զգալի եւ ակնյայտ փոփոխութիւնը, որ կիները կրնան կատարել Հայաստանի մէջ:  Մենք չենք կրնար արդարացումներ փնտռել կամ նահանջել: Մենք չենք կրնար պարզապէս հաւասարութիւն հռչակել եւ ակնկալել, որ խնդիրը լուծուի: Մենք պէտք է ստեղծենք անհրաժեշտ միջավայր, ուր կրնայ ծաղկիլ հաւասարութիւնը:

Հայաստանի մէջ կիներուն օրակարգին վերակենդանացումը կրնայ մեր կին խորհրդարանականներուն եւ մեր Առաջին Հանրապետութեան մատուցելիք յարգանքին լաւագոյն տուրքերէն մէկը ըլլալ: 2018-ը հայերուն համար ոչ միայն իրենց պետականութեամբ հպարտանալու տարի է: 2018 թուականին հայերը նաեւ պէտք է նշեն Հայաստանի մէջ կիներու քուէարկութեան իրաւունքի 100-ամեայ յոբելեանը: Ընտանեկան բռնութեան մասին օրէնքը լուրջ եւ ուշագրաւ համազգային վէճի առիթ է բոլոր դասերու ու ծագման հայերու համար: Ան կրնայ նաեւ խթան հանդիսանալ` զբաղելու մշակութային եւ ընկերային այն կանոններու հարցով, որոնք այլեւս դրական դեր չունին հայ հասարակութեան համար:

 

 

Viewing all 12135 articles
Browse latest View live