Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12115 articles
Browse latest View live

Անդրադարձ. Աֆրինի Փրկութեան Ուրուագծուող Կարելիութիւնը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ամբողջ աշխարհը լքեց Աֆրինի քիւրտերը: Ռուսիան իր ուժերը ամբողջովին հեռացուց շրջանէն` թրքական բանակին արտօնելով անարգել շարժիլ: Քիւրտերու «հովանաւոր» Միացեալ Նահանգները սկիզբը ընդգծեցին` «Աֆրինը մեր գործողութիւններու շրջագիծին մէջ չէ», այդպիսով «կանաչ լոյս» տալով Անգարային, ապա անոնց բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար Ժոզեֆ Վոթըլ ո՛չ միայն վերահաստատեց այդ խօսքը, այլ նաեւ աւելցուց, որ իր երկիրը Աֆրինին մեծ կարեւորութիւն չ՛ընծայեր: Ամերիկացիները մինչեւ իսկ Եփրատի արեւելեան ափին գտնուող քրտական ուժերուն արգիլեցին իրենց եղբայրներուն օժանդակութեան փութալ: Փենթակոնի բանբեր հազարապետ-զօրավար Ռենքին Կալաուէյ  յայտարարեց. «Եթէ քրտական ուժերը շարժին դէպի Աֆրին, անոնք այլեւս պիտի չնկատուին մեր գործընկերները»: Ահա այսպիսի ստոր քաղաքականութեան մը զոհը դարձան Աֆրինի որբացած քիւրտերը:

Տիրող կացութեան մէջ անոնք բնականաբար ունէին երկու ընտրանք. կոտորուիլ կամ յանձնուիլ Սուրիոյ կառավարութեան: Անոնք ընտրեցին երկրորդը: Չորեքշաբթի, 24 յունուարին, Աֆրինէն քրտական աղբիւր մը «Մայատին»-ին յայտնեց, որ իրենք կ’ողջունեն Դամասկոսի հետ համաձայնութեան մը ծիրին մէջ սուրիական բանակին մուտքը Աֆրին: Յաջորդ օրը այդ կեցուածքը ստացաւ աւելի պաշտօնական բնոյթ. Աֆրինի ինքնակառավարման մարմինը յայտարարեց, որ քաղաքը Սուրիոյ անքակտելի մասն է, եւ Սուրիոյ պետութեան կոչ ուղղեց պաշտպանելու Թուրքիոյ հետ իր սահմանը, իմա՛` զիրենք: Այդ յայտարարութիւնները կու գան ընդգծելու այն ծանօթ իրողութիւնը, որ զինուորական գետնի վրայ կացութիւնը անյուսալի է: Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատի այն յայտարարութիւնը, թէ իր երկրին օդուժը պատրաստ է արժանի հակահարուած տալու Թուրքիոյ, քիւրտերուն կոչին դրական ընկալման մասին կը յուշէ:

Անգարա վարչապետի եւ արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով տողատակի սպառնաց Դամասկոսին` ընդգծելով, որ թրքական բանակը պիտի չյարձակի սուրիական բանակի դիրքերուն դէմ, եթէ անիկա իր դէմ քայլերու չդիմէ: Միւս կողմէ, ամերիկեան կողմը Անգարան զգուշացուց Մընպեժի դէմ գործողութիւն շղթայազերծելէ, իսկ թրքական կողմը կոչ ուղղեց ամերիկեան ուժերը հեռացնելու այդ քաղաքէն:

Յառաջիկայ օրերու հորիզոնին վրայ կ’ուրուագծուի Անգարա-Դամասկոս եւ Անգարա-Ուաշինկթըն զինուորական կամ դիւանագիտական-քաղաքական ճակատումի մը կարելիութիւնը: Կը մնայ տեսնել, թէ «Ձիթենիի ճիւղ»-ը ինչպիսի՛ ճիւղաւորումներ պիտի ստանայ եւ ինչպիսի՛ պտուղներ պիտի տայ: Աֆրինի քիւրտերուն կը մնայ տոկալ ու համբերել` տեսնելու համար, թէ փրկութեան լաստ մը պիտի գա՞յ, իսկ եթէ այո` ուրկէ՞ պիտի գայ:

 

 


Ակնարկ. Կարեւոր Ուղենիշներ` Հնչած Սթրազպուրկէն

$
0
0


ԵԽԽՎ-ի ձմեռնային նստաշրջանին նախագահ Սարգսեանի խօսքն ու անոր հետեւած հարցումներու պատասխանները բնականաբար պէտք է ընկալել իբրեւ մէկ ամբողջութիւն: Տեւողութիւնը այս ամբողջութեան ուղիղ հաւասար համեմատութեամբ է. կէս ժամ գրաւոր խօսքը, որմէ ետք նաեւ կէս ժամ հարցումներուն տրուած պատասխաններ:

Ամբողջականութիւն կը նկատուի նաեւ մշակուածութեան, քաղաքական գրագիտութեան, իրազեկութեան եւ մանաւանդ ուղերձներու բազմահասցէականութեան նուրբ դրոյթներու առկայութեամբ:

ԵԽԽՎ-ի պաշտօնաթող նախագահին յղուած գնահատանքի խօսքը եթէ մէկ կողմէ ներառած է անոր կիպրացի ըլլալու փաստին հետ կապուած պաշտօնական Նիկոսիոյ կողմէ նախորդ տարուան ընթացքին կատարուած հայ-կիպրական յարաբերութիւններու սերտացման եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը շեշտող յայտարարութիւններուն, ապա միւս կողմէ հաւանաբար կիպրացի պաշտօնատարին ԵԽԽՎ-ի նախագահութիւնը ստանձնած ժամանակի անմիջականութեամբ հրապարակուած Ազրպէյճանի լուացքատան հանգամանքի բացայայտումներուն: Թեմաներու իրերայաջորդ անցումներէ ետք, նախագահ Սարգսեան իր խօսքին մէջ յատուկ կեդրոնացումով կը խօսի ազրպէյճանական լուացքատան մասին` զայն հակադրելով եւրոպական արժեհամակարգին:

Այնուհետեւ ամբողջ խօսքը կառուցուած է եւրոպական արժէքներու, համաեւրոպական կառոյցներու հնչեցուցած սկզբունքներու եւ առաջադրանքներու համահունչ արտաքին քաղաքականութիւն որդեգրած ըլլալու եւ այդ շրջագիծին մէջ իրագործուած փուլերը ներկայացնելու: Մինչեւ Վենետիկի յանձնաժողովին հետ համագործակցութիւն եւ բարեփոխումներու փուլային իրականացման գործընթաց, մինչեւ նորացուած սահմանադրութիւն եւ կառավարման համակարգի խորհրդարանականացում` բոլորը վերլուծական մօտեցումով, բայց մանաւանդ համաեւրոպական սկզբունքներու ընդգծումներով հնչեցին Սթրազպուրկի համագումարի դահլիճին մէջ, այն ուղերձը փոխանցելով, որ պաշտօնական Երեւանը աննահանջ որդեգրած է դէպի Եւրոպա ընթանալու արտաքին քաղաքական վարքագիծը:

Հռետորութեան ընկալելի մարտավարութիւնը այս բոլորին` Երեւանի եւ այս պարագային Եւրոպական խորհուրդի սկզբունքներու փոխհարազատութիւնն ու համատեղելիութիւնը  լուսարձակի տակ բերելն էր եւ այդ բոլորի ներկայացման ընթացքին Պաքուի կողմէ այդ բոլորին ուղղութեամբ դրսեւորած հակասութիւնները ընդգծելը:

Նախագահի խօսքին մէջ տակաւին այս բոլորէն անդին առկայ է Եւրոպական խորհուրդի բարեփոխումներու գործընթացին սատարելու, մասնակից դառնալու աւելի կուռ եւ ներառական Եւրոպայի ստեղծման տեսլականի իրագործման մեծ ծրագիրը:

Նոյնքան կարեւոր է սակայն հարցում-պատասխանի բաժինը, ուր կը պարզուի Եւրոպական խորհուրդին կողմէ տասը տարի առաջ պատժամիջոցներու ենթարկելի Երեւանի այսօր նուաճած ձեռքբերումներուն, արցախեան հակամարտութեան բանակցութիւնները իրատեսական հարթութիւն բերելու համար Եւրոպայի երկիրներու նկատմամբ հայկական կողմի ակնկալութիւններուն, Անգարայի նախապայմանային քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք մինչեւ գարուն առ ոչինչ յայտարարուելիք արձանագրութիւններուն կարգավիճակին, Հայաստանի Հանրապետութեան ձեռնարկած բարեփոխումներուն յաւելեալ ժողովրդավարացում հետապնդած նպատակադրումին, ԵՏՄ – ԵՄ եւ ՀԱՊԿ – ՕԹԱՆ անդամակցութիւն-համագործակցութիւն համատեղուած ձեւաչափերուն, միջազգային միաւորներու որդեգրած բանաձեւերուն ընդառաջ երթալու գործնական փաստերուն եւ մանաւանդ արցախեան հակամարտութեան էութեան եւ հայկական կողմի դիրքորոշումներուն մասին:

Այս բոլորին մէջ կարմիր թելի նման կ՛անցնի եւրոպական արժեհամակարգին հայկական կողմի որդեգրած քաղաքականութեան համահնչեղութիւնը եւ միւս կողմէ Պաքուի հակակառուցողականութիւնն ու հակաեւրոպականութիւնը լուսարձակի տակ առնելը: Բայց այստեղ արդէն ո՛չ միայն հայաստանեան բարեփոխումներու եւ ժողովրդավարացման ուղիներու մատնանշումն է, այլ նաեւ Արցախի հետ կապուած տարբեր դրոյթներու վրայ եւրոպական ուշադրութիւնը հրաւիրելու կարեւոր քայլը:

Արցախը 2015 թուականին միակողմանիօրէն միացած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտին եւ պարտաւորուած է լիարժէքօրէն կիրարկել այդ սկզբունքները: Հետեւաբար Եւրոպայի մէջ պէտք չէ ըլլան «գորշ գօտիներ», երբ խօսքը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին է, ինչպէս իրաւացիօրէն նկատած է Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը:  Այս նշումներէն ետք նախագահ Սարգսեան կը յուսայ, որ հեռու չէ այն օրը, երբ Արցախի կողքին կը կանգնի նաեւ այս կազմակերպութիւնը (Եւրոպական խորհուրդը)` իր ամբողջ փորձագիտական ներուժով: Արցախի բնակիչը անոր արժանի է եւ այդ իրաւունքը  վաղուց արդէն վաստակած է:

Ուրեմն. նախանշային ուղերձներուն մէջ` բարեփոխումները եւ դէպի Եւրոպա երթը շարունակելու, արձանագրութիւնները առ ոչինչ յայտարարելու, միակողմանի զիջումներու չերթալու, Եւրոպական խորհուրդի բարեփոխումներու գործընթացին մասնակցելու առընթեր Սթրազպուրկի մէջ հնչած է նաեւ Արցախ-եւրոպական կառոյցներ համագործակցութեան ձեւաչափեր ճշդելու եւ իրականացնելու առաջադրանքի Երեւանի սատար կանգնելուն յստակ ուղենիշը:

«Ա.»

Արագահաս Սուրբ Սարգիս

$
0
0

ՄԱՇՏՈՑ ՎՐԴ. ԶԱՀԹԵՐԵԱՆ
Ժողովրդապետ` Գիւմրիի
Սրբոց Նահատակաց աթոռանիստ եկեղեցւոյ

Հայ ժողովուրդը Առաջաւորաց պահքի յաջորդող շաբաթ օրը կը նշէ Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնը, որ, զուգադիպելով միեւնոյն ժամանակաշրջանին, թիւրիմացաբար հանրութեան մօտ ստեղծած է այն տպաւորութիւնը, թէ ասիկա այն պահքն է, որ նուիրուած է ի յիշատակ Սուրբ Սարգիսի վկայութեան:

Վկայութիւնները, վարքերն ու ներբողները ծնունդ առած են քրիստոնէական կրօնին հետ, ծառայելով իբրեւ հզօր գաղափարական զէնք` անոր տարածման եւ հաստատման գործընթացին:

Վկայաբանութիւնները յայտնուեցան քրիստոնեաներուն դէմ յարուցուած մեծ հալածանքներու շրջանին, անոնք նուիրուած են քրիստոնէութեան համար նահատակուողներուն: Իսկ վարքերը` կեանքը խաղաղ ձեւով աւարտած եկեղեցական հայրերուն կամ ընդհանրապէս բարեպաշտ մարդոց: Վկայաբանութիւնը կենսագրական բնոյթի պատում է, ի տարբերութիւն վարքին, որ կ՛ընդգրկէ սուրբի կեանքին ամբողջ  պատմութիւնը: Վկայաբանութիւնը մարտիրոսի կեանքին ամենանշանակալի հատուածին ներկայացումն է,անոր նահատակութեան հետ կապուած իրադարձութիւններու բաժին մը, ուր միայն հպանցիկ ակնարկ կայ անոր վկայութեան նախորդող կեանքին մասին: Իսկ այստեղ կարեւորագոյնը վկային տանջանքներուն եւ խոշտանգումներուն նկարագրութիւնն է:

Օտար ազգերու ազդեցութիւն կը կրեն հայ վկայաբանութեան ամէնէն կանուխ յիշատակութիւնները, որոնք ընդհանրացած կերպարներ են: Այստեղ դժուար է նշմարել զուտ ազգային նկարագիր, եթէ անշուշտ ուշադրութիւն չդարձնենք այն հանգամանքին, որ նկարագրուող իրադարձութիւններու վայրը` Հայաստանն է: Այսպէս օրինակ` հակառակ անոր որ Սուրբ Սարգիս ազգութեամբ հայ չէր, բայց աստուածային տնօրինումով առաջնորդուած, իր որդւոյն` Մարտիրոսին հետ` հեռանալով Յուլիանոս ուրացող թագաւորի հալածանքներէն, ապահով վայր մը գտնելու միտումով, իբրեւ ապաստան ընտրեց հայոց երկիրը, ուր արդէն քրիստոնէութիւնը կայացած կրօն էր: Հայերը զիրենք գրկաբաց ընդունելով` մեծ պատիւներ տուին անոնց: Սակայն, զգուշանալով Յուլիանոսի զայրոյթէն եւ խոյս տալու վերահաս աղէտէն, թելադրեցին Սուրբ Սարգիսին եւ իր որդւոյն ապաստանիլ Պարսկաստան, ուր հեթանոսներու քստմնելի արարքներուն զոհ գնաց որդին` Մարտիրոսը: Իսկ ինք` չենթարկուելով պարսիկ Վռամշապուհ թագաւորի հրահանգին, զոր արձակած էր իր ազատազրկման օրերուն, մնաց անսասան իր հաւատքին եւ սկզբունքներուն մէջ: Թագաւորը դահիճին հրամայեց գլխատել զինք: Ան, երբ բագինին մօտեցաւ, իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած` ըսելով. «Ո՛վ Տէր, Քրիստո՛ս Աստուած իմ, անոնք, որոնք կը յիշեն իմ անունս իրենց նեղութեան մէջ եւ կը կատարեն իմ նահատակութեանս յիշատակը` ուխտով եւ պատարագով, ինչ որ խնդրեն քեզմէ, անսա՛ անոնց եւ շնորհէ՛ խնդրանքները»:

Պարսիկ տասնչորս զօրակալներու ներկայութեամբ, դահիճի կառափնատելու պահուն, երկինքէն լոյս մը կը ծագի: Ի տես այս հրաշքին, տասնչորս զօրակալները քրիստոնէութիւնը դաւանելով իրենք այս վսեմ վարդապետութեան վկաներ եւս կը դառնան:

Ս. Սարգիս զօրավարը օժտուած է արագահաս, բարեխօս եւ շնորհատու յատկանիշներով. առ այդ, ժողովուրդը դժուարին անել պարագաներուն անոր միջնորդութիւնը կը հայցէ:

Սուրբ Սարգիս զօրավարին վկայաբանութիւնը կ’եզրափակենք հայ եկեղեցւոյ դաւանանքի եւ սովորութեան շուրջ` «Գիր հաւատոյ» խոստովանութեան ընդարձակ գրութեան մէջ, Ներսէս Շնորհալի հայրապետի ներկայացուցած համառօտ որդիսականով.

«Մեր տօնած Սարգիսը, բարեպաշտ իշխան մըն էր Կապադովկիոյ մէջ, Մեծն Կոստանդիանոսի եւ անոր որդիին օրով, որուն յաջորդեց ամբարիշտ Յուլիանոսը: Սարգիս` հալածուելով այս վերջինէն, անցաւ Պարսկաստան` Շապուհ թագաւորին մօտ: Այնտեղ շատ մը զինուորներ քրիստոնեայ դարձուցած ըլլալուն համար, մարտիրոսութեան վճիռ ընդունեց իր որդիին հետ, նոյն Շապուհ թագաւորէն: Եւ որովհետեւ իր վախճանման օրը զուգադիպեցաւ յունուար ամսուն 30-ին, հետեւաբար, որոշեցին անոր յիշատակը տօնել այն շաբաթ օրը, որ կը յաջորդէ Առաջաւորաց պահքին: Տրուած ըլլալով, որ Սուրբ Սարգիս ազգութեամբ հայ չէ, այնուամենայնիւ, հայ ժողովուրդը յաւուր պատշաճի զինք կը մեծարէ եւ իր սուրբերուն կարգին կը դասէ»:

 

 

 

«Բանակի Ներկայիս Հզօրութիւնը 2016 Թուականի Մարտունակութեան Հետ Համեմատելի Չէ». Լեւոն Մնացականեան

$
0
0

Պաշտպանութեան բանակի ներկայիս ունեցած հզօրութիւնը 2016 թուականի մարտունակութեան համեմատելի չէ:

«Արցախփրես»-ի թղթակիցին հաղորդումով, այս մասին յունուար 24-ին հրաւիրած մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը:

Խօսելով Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի 2017 թուականին կատարուած աշխատանքներուն մասին` Լ. Մնացականեանը ըսած է, որ համարժէք միջոցներ ձեռնարկուած են առաջին հերթին մարտական զօրահաւաքային պատրաստակամութեան մէջ:

«Կառուցուածքային փոփոխութիւններու պարագային, բոլոր առումներով, մեր հնարաւորութիւնները աճած են, փոխուած են մօտեցումները պահեստազօրայիններու հետ, եւ հաւաքներու միջոցով աւելցած է ռազմական կրթութուն ստացած պահեստազօրներու քանակը` բոլոր մասնագիտութիւններով, աւելի շատ` հրասայլային, հակահրասայլային եւ հրետանային ստորաբաժանումներու մասնագէտներու», ըսած է պաշտպանութեան նախարարը եւ` աւելցուցած, որ հիմնական շեշտը կը շարունակէ մնալ մարտական հերթապահութեան, ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման եւ դիրքապահ զինծառայողներու համար աւելի բարենպաստ պայմաններու ստեղծման վրայ:

Նախարարը նշած է նաեւ, որ կատարելագործուած են բոլոր ճարտարապետական, ամրաշինական կառոյցները, կահաւորուած են նոր դիրքեր: Փորձած են զարգացնել ճանապարհային ցանցը, որ այնքա՛ն կարեւոր է մարտական գործողութիւններու ժամանակ` հիմնական ուշադրութեան կեդրոնը պահելով անձնակազմի անվտանգութեան ապահովման խնդիրը:

«Հրետանիի, հակաօդային պաշտպանութեան հնարաւորութիւնները եւս նախկինին հետ համեմատելի չեն: Աւելցուած է նաեւ նշանուղիներու եւ մեր յարձակման ընթացքին խոցուող նշանակէտերու քանակը ինչպէս գիշերային, այնպէս ալ ցերեկային պայմաններուն մէջ: Արհեստագիտական-թիկունքային ապահովման հարցերով եւս մեծ ծաւալի աշխատանքներ տարուած են, եւ հիմնական շեշտը դրուած է դաշտային պայմաններու մէջ միաւորումներու, զօրամասերու, ստորաբաժանումներու կենսագործունէութեան ապահովման վրայ», ըսած է Լ. Մնացականեանը:

Մեր Սրբութիւն Սրբոցն Է Հայոց Ազատատենչ Ու Մարտունակ Բանակը (Հայոց Բանակի Օր)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Շատեր կրնան մեզ մեղադրել հայոց բանակին տրուած վերոգրեալ բնորոշումին պատճառով: Ուրիշներ կրնան այպանել` ըսելով, թէ ազգային կեանքին մէջ, յատկապէս հոգեմտաւոր շտեմարանին, գոյութիւն ունին բազում նուիրական եւ անկրկնելի արժէքներ, որոնք նաեւ սրբութիւն սրբոց են մեզի համար, պէտք է ըլլան:

Աւելի՛ն. կրնան ըլլալ նաեւ օտարներ-օտարականներ, որոնք, այսպէս ասած, արդի ժողովրդավար մտածողութենէ թելադրուած, չընդունին տրուած նման մակդիր թէ յորջորջում, եւ մեզ ամբաստանեն իբրեւ ֆաշականներ կամ զինուորապաշտներ:

Եթէ երբեք ունինք պատասխան, այդ ալ ուղղուած պիտի ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք չունին բաւարար գիտութիւն եւ ճանաչողական ընկալումներ, ինչ կը վերաբերի մէկ կողմէ հայոց պատմութեան, եւ միւս կողմէ` հին թէ նոր աշխարհակարգերու ձեւաւորումին նպաստող թաքուն թէ բացայայտ ռազմավարութիւններու:

Փաստօրէն, կայսրութիւններու ծնունդէն մինչեւ մոնկոլական արշաւանքներ, ցարական ախորժակներէն մինչեւ յեղափոխական մակընթացութիւններ, Առաջին աշխարհամարտէն մինչեւ Երկրորդ համայնաքանդ պատերազմներ, նոյնն է եղած ազգերու թէ պետութիւններու միջեւ ծագած զինուորական գործողութիւններու հիմքը` անյագ տիրակալութիւնն ու դիմացինը բնաջինջ ընելու բարբարոսութիւն:

Իսկ վա՜յ այն ազգերուն թէ պետութիւններուն, որոնք ականջալուր չեն եղած անցեալի դառն պատումներու հրամայական պահանջին` սեփական բազուկին ապաւինելու եւ ատով ազգային արժանապատուութիւն պահպանելու նուիրական հայեցակարգին:

Ի փառս հայութեան եւ անոր ազատատենչի ու մարտունակի կերտուածքին, հակառակ ներքին ու արտաքին ահաւոր դէպքերու եւ անախորժ դասաւորումներու, ինչպէս մօտիկ անցեալի` ֆետայական անհաւասար մարտերու թէ մայիսեան փառահեղ ճակատամարտերու (1918) ընթացքին, հասնելով մինչեւ արցախեան գոյամարտ, հայութիւնը` շնորհիւ իր բազուկին, կրցաւ գերազանցել ինքզինք, փշրել ստրուկի շղթաները, յաղթել թշնամիին եւ կերտել հայոց նոր ճակատագիրը:

28 յունուար:

Թէ ինչո՛ւ նման մտորումներ սպիտակ թուղթին կը յանձնենք մանաւանդ  այս տօնին առիթ, որովհետեւ հայոց ժամանակակից պատմութեան օրագրութեան մէջ անիկա տօներու տօնն է, պէ՛տք է ըլլայ, վերապրումի եւ յաղթանակի խորանն է, պէ՛տք է ըլլայ, ազգային արժանապատուութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան կռուանն է, պէ՛տք է ըլլայ, Արարատի պաշտամունքի եւ դարաւոր երազներու իրականացման ամէնէն ապահով ճանապարհն է, պէ՛տք է ըլլայ:

Կ՛ըսեն, որ բանակը պետութեան մը պաշտպանական համակարգն է, մեզի համար շատ աւելին է, ազգի գոյութեան հիմքն է:

Կ՛ըսեն, որ բանակը ժողովուրդի մը անվտանգութեան երաշխիքն է, մեզի համար աւելի քան այդպիսին է, բնաջնջումէ փրկող միակ ապաւէնն է:

Կ՛ըսեն, որ բանակը հայրենիքի մը սահմանները պահպանող միակ կառոյցն է, մեզի համար կառոյցէ մը աւելի` գոյութենական պաշտպանութեան խարիսխն է:

Կ՛ըսեն, որ բանակը խիզախութեան, մարտունակ ոգիի ամրապնդման, զոհողութեան,  անսակարկ նուիրումի եւ զինուորական կրթութեան դպրոց է, մեզի համար այս բոլորին առընթեր` Արարատին հասնելու միակ ու անփոխարինելի կաճառն է:

Այո՛, հայոց բանակը մեզի` հայութեան համար հերոսապաշտութեան եւ հայրենիք կերտելու սրբազան հաւատամքն է, եզակի ամրոցը:

Այլ խօսքով` առանց մարտունակ բազուկի եւ հերոսական սխրանքի չէ՛ եղած հայութիւն եւ չի կայանար Հայաստան:

Այլ խօսքով` եթէ երբեք ստրկատիրութեան դարեր ապրած ենք ու գոյատեւած, ատոր գինը շատ սուղ վճարած են յետնորդ սերունդներ, ազգ մը ամբողջ:

Ահա թէ ինչո՛ւ հայութիւնը վերջին քսանհինգ տարիներուն մօտէն առնչակից եղած է հայոց բանակին վերաբերող ամէն մանրամասնութեան եւ միշտ աջակից` անոր յառաջդիմութեան եւ առաւել ամրապնդման:

Ահա թէ ինչո՛ւ Արցախի ազատագրական պայքարի օրերէն մինչեւ ապրիլեան քառօրեայ մարտեր (2016), մեր քաջարի տղոց ու հետագային ստեղծուած սպայական կազմին ու սարքին հանդէպ, հայութիւնը միշտ ալ գուրգուրանքով եւ երախտագէտի զգացումներով յագեցած է, ի տես հայ զինուորի ցոյց տուած եզակի քաջութեան եւ հայրենապաշտութեան:

Ահա թէ ինչո՛ւ ազգ մը ամբողջ կը տառապի, կը ցաւի ու կ՛անհանգստանայ, երբ քսանամեայ նորակոչիկ զինուոր մը զոհ կը դառնայ անզգուշութեան թէ թշնամիի արձակած անարգ փամփուշտի:

Ահա թէ ինչո՛ւ ի խորոց սրտի կը  վշտանանք, երբ հայրենիքի սահմաններուն վրայ հայ զինուորի մը կորուստին լուրը կը հասնի մեզի:

Ահա թէ ինչո՛ւ կը պոռթկանք, կը բողոքենք ու մեր ցասումը բարձրագոռ կը յայտնենք, երբ ականատես կ՛ըլլանք հայ զինուորի հանդէպ ցուցաբերուած անհոգի ու անտարբեր վերաբերումի, պաշտպանական միջոցառումներու թէ զինական գոյքերու ոչ բաւարար առկայութեան:

Ահա թէ ինչո՛ւ մեր մղկտուած հայհոյանքը կ՛ուղղենք բոլոր անոնց, որոնք առանց խպնանքի կարգախօսեր ու խրատներ կը բարբաջեն, փոխանակ բանալու իրենց վաւաշոտ քսակները եւ հոգալու հայ զինուորի մը բժշկական ծախսերուն կամ անոր ընտանիքին նիւթաբարոյական պաշտպանուածութիւնը ապահովելու:

Ճիշդ է, որ տարուէ տարի հայոց բանակին ուժական ու արհեստագիտական կարողականութիւնը կը բարելաւի, անվտանգութեան երաշխիքի թէ պաշտպանական համակարգի գործառոյթները առաւել կ՛ամրապնդուին, սահմաններու թէ դիրքերու պաշտպանուածութիւնը կ՛արդիականանայ, զինուորաճարտարապետական ուժեղ աշխատանքներ կ՛իրականացուին, այդուհանդերձ, տակաւին, գրեթէ շաբաթական դրութեամբ կը լսենք ու կը կարդանք հայ զինուորի մը նահատակութեան գուժը:

Իրօք, նահատակութիւնը հայ զինուորին կոչումն է, ամենաթանկագին արժէքը: Սակայն, թշնամին ազերիին կիրարկած զինուորական քաղաքականութիւնը մեզ պէտք է մտահոգէ, անհանգստացնէ, այն առումով, որ անիկա պատճառ կը դառնայ բազմաթիւ անգին զոհերու, եւ, այսպէս կոչուած, խաղաղ օրերու «դանդաղ մահուան»:

Միւս կողմէ, ճիշդ է նաեւ այն, որ հայոց բանակի հակահարուածները կ՛ունենան իրենց ուժեղ ազդուութիւնը, կը կատարեն զսպիչ դեր, կը պատճառեն ահ ու սարսափ, սակայն, բաղդատած թշնամիի դարանակալ յարձակումներուն, անոնք նուազ են եւ ոչ բաւարար: Ուրեմն ի՞նչն է ակնկալուածը, եթէ ոչ «ակն ընդ ականի» անփոխարինելի սկզբունքը, անկրկնելի Նիկոլ Դումանի ուսմունքը:

Ահաւասիկ մեր օրերու հրամայական պահանջը, ո՛չ միայն սաստել թշնամին, այլ նաեւ հասցնել այնպիսի ուժեղ հարուած, որ ան երկար ատեն մնայ շլմորած եւ ուժասպառ, չունենայ կարողութիւնն ու համարձակութիւնը վերստին մտնելու անհաշիւ արկածախնդրութիւններու յորձանուտին մէջ:

Ազգ-բանակ:

Անկեղծ ասած, հայութեան ու հայրենիքի պաշտպանուածութեան վիթխարի նուաճում մըն է ազգ-բանակ հայեցակարգը: Անիկա ազգային քաղաքական գերազանց մտածողութիւն մըն է, որով կարելի պիտի ըլլայ դիմակայել 21-րդ դարու բոլոր մարտահրաւէրներն ու թշնամական ոտնձգութիւնները:

Հայ քաղաքական միտքը անով կը պայծառանայ, կ՛ուժեղանայ եւ կ՛ամրանայ:

Հայ դիւանագիտական համակարգը կը դառնայ աւելի ինքնավստահ ու պահանջատէր, որոշիչ դերակատարութեամբ ընդգծեալ եւ կողմնորոշող:

Հայրենիքի տնտեսական, ընկերային թէ ճարտարարուեստի կառոյցներու  վիճակը կը բարելաւուի, կ՛ունենայ յենարան, կ՛ըլլայ հակամէտ յառաջդիմութեան եւ զարգացման:

Հայութիւնը կը բռնէ հզօրացման ուղին ի հայրենիք եւ սփիւռս աշխարհի, իրմէ կը վանէ ազգային ահաւոր բարդոյթներ, որոնցմէ պէտք է շուտափոյթ ձերբազատիլ, որպէսզի կարենայ դասուիլ ինքնաբաւ ժողովուրդներու շարքին:

Քաջ հաւատացողն ենք, որ հայութեան միակամութիւնը, հայոց բանակին շուրջ համախմբուածութիւնն ու անսակարկ աջակցութիւնը բաւարար ազդակներ են ստեղծելու այնպիսի պաշտպանական համակարգ, որով Հայաստան պիտի կարենայ շրջանցել բազում դժուարութիւններ եւ խոչընդոտներ:

Էականը գիտակցիլն է, որ հայ զինուորին բարոյահոգեբանական կառուցուածքը որքան ամուր եւ աշխուժ ըլլալ, նոյնքան ուժեղ եւ հզօր պիտի ըլլայ անոր կռուելու պատրաստակամութիւնը:

Արդ, հայ զինուորին նիւթական բարձր վարձատրութիւնը, ընտանեկան հատուցումն ու բացարձակ գուրգուրանքը հայ պետական այրերու եւ կառոյցներու համար անյետաձգելի հրամայական է, որով պիտի փաստարկուի հայութեան Արարատասիրութիւնն ու հայրենապաշտութիւնը:

Եթէ կարենանք հայ զինուորին փառքը հիւսել իր ողջուց, արդէն նպաստած կ՛ըլլանք ծնունդ տալու այնպիսի քաջարի սերունդներու, որոնցմով Արարատն անգամ պիտի հպարտանայ, ինչպէս որ ամբողջ հայութիւնը հպարտացաւ եւ խոնարհեցաւ հայ զինուորի կատարած սխրանքին առջեւ, 2016-ի ապրիլեան քառօրեայ մարտերուն:

Հայ զինուորին եւ սպային ուղղուած ամէն խօսք, խորքին մէջ ուղղուած է ամբողջ ազգին ու պետականութեան: Հետեւաբար, կշռադատուած ամէն բառ, ի սրտի ելած ամէն աղօթք, ճշմարիտ սէր ու յարգանք, ըստ էութեան ուղղուած կ՛ըլլայ հայոց նոր ճակատագրին, որուն պաշտպանութեան կոչուած է հայ զինուորը:

Փա՛ռք հայ մարտունակ բազուկին, հա՛յ զինուորին:

 

 

 

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Յունուար Գ. –Անկախութեան 100-ամեակին Առիթով

$
0
0

Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակը որոշակի պատասխանատուութեան մը դիմաց կը դնէ գաղութիս միութենական եւ կրթական պատասխանատուները: Պատասխանատուութիւն` յոբելենական այս տարին լիարժէքօրէն յիշատակելու ու ձեւական տօնակատարութիւններէն քայլ մը անդին անցնելով` զայն ուղենիշի վերածելու:

Անկախութեան խորհուրդը նորահաս սերունդներուն փոխանցելը 100-ամեակի ձեռնարկներու ծրագրաւորումին հիմքը պիտի հանդիսանայ, պէ՛տք է հանդիսանայ, որովհետեւ մենք մէկ մասն ենք հայոց պետութիւն, հայկականութիւն կոչուող այդ ամբողջութեան ու անոր ուժը զգալու, ապրելու, բայց մանաւանդ ապրեցնելու համար ոչ միայն ճշգրիտ կերպով պիտի գնահատենք անոր դերը, այլ մեր ընելիքը եւս կարեւորութեամբ պիտի սահմանենք` հեռու մնալով կրաւորականութենէ ու գործուն մասնիկը դառնալով հայութեան ու հայկականութեան:

Սփիւռքի պայմաններուն մէջ ապրող մեր սերունդները պէտք է իմանան մեր պատմութեան այս լուսաւոր էջին խորհուրդը, անկախ պետականութեան ստեղծման համար մաքառող մեր ժողովուրդին ձգտումներուն մայիս 28-ով պսակադրումը. այն ժողովուրդին, որ Ցեղասպանութեան մոխիրներէն փիւնիկի նման յառնեցաւ եւ համաշխարհային մեծ ընտանիքին մէջ իր արժանաւոր տեղը գրաւեց:

Իմանալը բաւարա՞ր է սակայն: Իմանալով ու ճանչնալով, ճանչնալով ու բան մը փոխելով, այդ արժէքներուն վրայ արժէք մըն ալ աւելցնելով` պիտի արդարացնենք մեր գոյութիւնը: Այլապէս,  տօնակատարութիւններու հմայքով գինովցած` անապագայ հաւաքականութեան մը պիտի վերածուինք:

Անկախութեան 100-ամեակն է…

100-ամեակին պատգամը նախ պիտի հնչէ մեր վարժարաններէն ներս: Այնտեղ, դասապահերու նեղ ժամերէն դուրս գալով, որքան շահեկան պիտի ըլլայ կազմակերպել պատմութեան յատուկ աշխատանքային պահեր, զրոյցներ, բանավէճեր, արտադասարանային ծրագիրներ, օգտագործել լսատեսողական միջոցներ ու համացանցային բազում կարելիութիւններ: Այլ խօսքով, մղել մեր աշակերտները, որ հետաքրքրուին, պրպտեն, ճանչնան իրենց արմատներն ու որոնեն իրենց իսկ դերը անոնց կառչած մնալու մեր տքնութեան մէջ:

Յետոյ, այդ պատգամը պիտի արտացոլայ մեր միութիւններու դաստիարակչական ծրագիրներուն ընդմէջէն, ու մենք պահ մը հարց պիտի տանք, թէ որքանո՞վ են անոնք ժամանակակից, ինչպիսի՞ աղբիւրներ պէտք է օգտագործել` վերամշակելու այդ ծրագիրներն ու ներկայ պահանջներուն յարմարեցնել զանոնք: Ի՞նչ է դերը միութենական այն երիտասարդին, որ մասն է հայրենի եւ սփիւռքացած ժողովուրդի մը, որ ունի անկախ հայրենիք, բայց նաեւ` անկատար տենչեր: Ո՞ւր կը սկսի անոր պայքարը եւ ո՞ւր կ՛աւարտի, որքանո՞վ կը համեմատուի ան մեր նախնիներուն մղած պայքարին հետ:

Եթէ կարենանք ճշդել մեր երիտասարդութեան դերը, անոր առաջնահերթութիւններն ու մարտահրաւէրները եւ օգնել անոր` գտնելու իր արմատներուն ու ազգային իղձերուն կառչած մնալու յստակ ուղին, այն ատեն, հաւանաբար, ճշգրտօրէն արժեւորած պիտի ըլլանք 100-ամեակներն ու անոնց խորհուրդը:

«Գ.»

 

Շաւարշ Միսաքեան (1884-1957). Առաջնորդող Մտքի Եւ Խօսքի Դաշնակցական Խմբագիրը

$
0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

26 յունուարին լրացաւ մահուան 61-րդ տարելիցը հայ մամուլի անմահ հսկաներէն Շաւարշ Միսաքեանի:

Հայ մամուլի պատմութեան մէջ բարձրադիր գագաթ մը եղաւ աւազանի անունով Եղիազար, բայց Շաւարշ գրչանունով հայաշխարհով մէկ հռչակուած Միսաքեան տոհմի այս արժանաւոր ծնունդը:

Գրական-գեղարուեստական կատարելագոյն մշակումի հասած իր արեւմտահայերէնով, կուռ ոճի ու խոհականութեան իր տաղանդով եւ, մանաւա՛նդ, դաշնակցականի անխախտ հաւատքով ու սկզբունքայնութեամբ, Շաւարշ Միսաքեան հրապարակագրական իր առաջին քայլերէն իսկ գրաւեց ընթերցողը, դարձաւ անոր ուղին առաջնորդող դրօշակիրը: Հանդիսացաւ հայ կեանքի արթուն պահակը, որ հանրային կարծիք ձեւաւորեց ու առաջնորդեց ամբողջ յիսուն տարի` ե՛ւ երկրի մէջ, երբ թրքական պետութեան հայասպանական Մեծ ոճիրը դեռ ի գործ դրուած չէր, ե՛ւ արտերկրի տարածքին, երբ հայ ժողովուրդը դատապարտուեցաւ աշխարհացրիւ տարագրութեան:

Յատկապէս իր մեծարժէք ձեռակերտն ու միաժամանակ փառքի դափնեպսակը մարմնաւորող փարիզեան «Յառաջ» թերթով Շաւարշ Միսաքեան սփիւռքահայ իրականութեան մէջ ստեղծեց դաշնակցական ամէնօրեայ ուրոյն դպրոց մը, որ ընթերցող լայն հասարակութեան ազգային-քաղաքական նկարագիր տուաւ եւ շունչ ու հաւատք ներարկեց հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ապագային հանդէպ:

Խմբագրական գործի ամէնօրեայ սպառիչ հեւքին մէջ, ֆրանսահայ կեանքի եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայ իրականութեան, բայց մանաւանդ խորհրդային Երկաթեայ վարագոյրի ետին տուայտող Հայաստանի վերիվայրումներուն,  ընկրկումներուն ու ոստումներուն հետ անմիջական քայլ պահելով հանդերձ, իր խոհուն հայեացքը միշտ սեւեռեց գալիքին եւ լուսաւորեց ազգային ինքնահաստատման մեր ուղին:

Անցեալին մէջ չկծկուեցաւ, անցեալի նուաճումներու դրամագլուխը սպառելով` չմաշեցուց ներկան, այլ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի անցեալէն ժառանգուած անկորնչելի արժէքներու վերանորոգման եւ նոր արարումներով հարստացման անխոնջ ու անկաշառ պատգամաբերը դարձաւ` անդուլ յորդորելով մեր սերունդները.

«Երիտասարդութի՛ւն հայոց, աչքերդ ուղղէ դէպի հայրենի տուն:

Ո՛չ թէ անոր չորս պատերուն մէջ կծկուելու, այլ նոր հորիզոն փնտռելու եւ պարպուած դիրքերը գրաւելու համար:

«Եաթաղան»-ը արեան գետեր հոսեցուց, բայց հայկազանց ոգին մնաց անեղծ` սաւառնելով հորիզոնէ հորիզոն:

Թոյլ մի՛ տաք, տղա՜ք, որ օտարութեան գոլորշիները ծծեն այդ ոգին` ձեր ետին ձգելով միայն դարաւոր պատմութեան մը կմախքը»:

Շաւարշ Միսաքեան լոյս աշխարհ եկաւ 1884-ի օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ կիրակին, Սեբաստիա նահանգի Զիմառա գիւղը: 6 տարեկանին ընտանիքը փոխադրուեցաւ Պոլիս, ուր Շաւարշ յաճախեց, յաջորդաբար, Գում Գափուի Մայր վարժարանը, Կալաթայի Կեդրոնականը եւ Կէտիկ Փաշայի Կարկուրեան դպրոցը: 16 տարեկանին մուտք գործեց հրապարակագրութեան ասպարէզ` «Սուրհանդակ» թերթի խմբագրութեան միանալով:

Շաւարշ Միսաքեանի հրապարակագրական ինքնահաստատումը սկսաւ 1908-ին, երբ Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Վահրամ Թաթուլի հետ ձեռնարկեց Պոլսոյ «Ազդակ» շաբաթաթերթի հրատարակութեան: 1911-1912 ստանձնեց Կարնոյ հռչակաւոր «Յառաջ» թերթին խմբագրութիւնը: 1913-ին Պոլիս վերադարձաւ` մաս կազմելու համար ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»-ի խմբագրութեան` ստանձնելով նաեւ պատասխանատուութիւնը «Ազատամարտ» շաբաթաթերթին:

Իր ազգային-քաղաքական հայեացքներուն ու կեցուածքներուն համար Շաւարշ Միսաքեան տեւական հետապնդումի ենթարկուեցաւ թրքական իշխանութեանց կողմէ: Փախստական` թաքստոցային պայմաններու մէջ կը շարունակէր խմբագրական իր աշխատանքը 1915-ին, երբ ցեղասպանը ի գործ դրաւ հայ մտաւորականութեան զանգուածային ձերբակալութեան եւ աքսորի ճամբուն վրայ յօշոտման ահաւոր ոճիրը:

Մինչեւ 1916-ի մարտը Շաւարշ կրցաւ խուսափիլ թրքական իշխանութեանց հետապնդումներէն, բայց ի վերջոյ ձերբակալուեցաւ, երբ կը փորձէր Պոլիսէն հեռանալ ու Պուլկարիա անցնիլ: Դատուեցաւ եւ մահուան դատապարտուեցաւ, բայց վճիռը ցկեանս բանտարկութեան վերածուեցաւ, եւ Շաւարշ բանտ մնաց մինչեւ 27 նոյեմբեր 1918, երբ զինադադարէն ետք ազատ արձակուեցաւ:

Շ. Միսաքեանի խմբագրական առաքելութեան կարեւոր շրջաններէն մէկը սկսաւ 1918-էն ետք, երբ զինուորագրուեցաւ գլխատուած պոլսահայ մտաւորականութիւնը վերաշխուժացնելու անխոնջ պայքարին` ստանձնելով «Ազատամարտ»-ի շարունակութիւնը եղող «Ճակատամարտ»-ի խմբագրական պատասխանատուութիւնը: Շաւարշ յաջողեցաւ նոր ուժեր յայտնաբերել եւ թերթին կապել` ընդհանրապէս կենսունակութիւնը վերադարձնելով պոլսահայ իրականութեան: Իր այդ հանգամանքով ալ մասնակցեցաւ 1919-ին Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովին:

1922-ին, քեմալականներու իշխանութեան աստիճանական ամրապնդման հետեւանք նոր հալածանքներէ խոյս տալով, Շաւարշ Միսաքեան վերջնականապէս հեռացաւ Պոլիսէն, անցաւ նախ Պուլկարիա, իսկ այնուհետեւ` 1924-ին հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր տարի մը ետք հիմնեց «Յառաջ» օրաթերթը:

Աւելի քան երեսուն տարի Շաւարշ Միսաքեան առաջնորդող ներկայութիւն եղաւ ոչ միայն Եւրոպայի, այլեւ ողջ հայ իրականութեան մէջ, «Յառաջ»-ի կողքին նաեւ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան մաս կազմելով եւ կուսակցական բարձրագոյն պատասխանատուութեանց կոչուելով` իբրեւ ՀՅԴ Բիւրոյի կամ ՀՅԴ Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ:

Հայ հրապարակագրութեան մէջ անզուգական եղաւ Շաւարշ Միսաքեանի ներդրումը: Ռուբէն Զարդարեանի կողքին, Շաւարշ Միսաքեան մեծագոյն դեր կատարեց արեւմտահայ արձակը հրապարակագրական լեզուի վերածելու կենարար գործին մէջ: Իր խմբագրականներն ու տոմսերը ամէնօրեայ տաք հացի պէս գաղափարական սնունդը դարձան իրերայաջորդ սերունդներու` Ֆրանսայի մէջ թէ սփիւռս հայաշխարհի:

Հայ ժողովուրդի ազգային արժանաւորութեան, Հայաստանի անկախութեան եւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման գաղափարական ու բարոյական աւանդներուն երդուեալ պաշտպանը հանդիսացաւ: Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի հանգանակը` եռագոյնով, զինանշանով եւ «Մեր հայրենիք»-ով, կիզակէտը դարձուց ամբողջ սերունդներու անխառն պաշտամունքին: Ազգային անառարկելի այդ արժէքներուն ուրացման բոլոր փորձերուն եւ փորձութիւններուն դէմ յատկապէս բուռն եղան Շ. ստորագրութեամբ իր ակնարկները, գաղափարական խարազանումի իր էջերը:

Ահա՛ մէկ նմուշ.-

«ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ ՈՍԿԻ ՉԷ»

«Տարեկան տեսութեան մը առիթով ուզեցինք իմանալ, թէ ի՛նչ գործեր կատարած են մեր գաղութին ազգային մարմինները եւ ի՛նչ առաջադրութիւններ ունին յառաջիկային համար:

«Ահա կը լրանայ նոր տարուան առաջին ամիսը, բայց` ոչ մէկ ձայն:

«Ոչ իսկ սովորական տեղեկութիւն մը` այս կամ այն շրջանէն:

«Լռութիւնը ոսկի է», կ՛ըսէին, երբ դպրոց կ՛երթայինք:

«Փորձառութիւնը հաստատեց, թէ միշտ ոսկի չէ: Երբեմն արծաթ է, իսկ յաճախ ալ` թիթեղ:

«Այս երեքէն որո՞ւ կը համապատասխանէ համատարած լռութիւնը»:

Իրաւամբ հայ հրապարակագրութեան դաշնակցական վարպետը եղաւ Շաւարշ Միսաքեան:

 

 

Հանդիսատեսի Դիրքէն Դուրս Գալու Հրամայականը

$
0
0

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Այս կարճ յօդուածով կ՛ուզեմ անդրադառնալ երիտասարդութեան ներկայ կացութեան. հարց մը, որ մանաւանդ վերջին տարիներուն անընդհատ կը չարչրկէ մարդկութեան ուղեղը: Բայց մանաւանդ կ՛ուզեմ շեշտը դնել հայ երիտասարդին վրայ: Առաջին իսկ հայեացքով բոլորս կը տեսնենք, որ այսօրուան հայ երիտասարդութիւնը այն չէ, ինչ որ էր 50-60 տարի առաջ: Այսօր գրեթէ բոլորը կրթութեան տէր են, եւ պէտք է ըսեմ, որ մեծամասնութիւնը համալսարան յաճախած կամ աւարտած է:

Այս իմաստով, բաւական զարգացած եւ յառաջդիմած երիտասարդութիւն ունի հայ ազգը: Սակայն ազգային կեանքին մէջ այդ զարգացած երիտասարդութիւնը այդքան ալ աշխուժ չէ եւ չի կրնար ինքզինք դրսեւորել իր ամբողջ ներուժով: Յաճախ հայկական օրաթերթերուն մէջ կը հանդիպինք յօդուածներու, որոնք կ՛անդրադառնան խորհրդաժողովի մը, որ նուիրուած կ՛ըլլայ մեր ազգային խնդիրներուն, եւ սակայն քիչ է երիտասարդ ներկաներուն թիւը նման ժողովներուն: Յաճախ կը լսենք քննադատութիւններ, որոնք ուղղուած կ՛ըլլան մեր երէց սերունդին, որ տեղ չի տար երիտասարդութեան` արտայայտուելու, այլ միշտ հանդիսատեսի եւ հետեւողի դիրքին մէջ կը պահէ զայն: Ի վերջոյ,  մամլոյ լսարաններէն առնուած նկարները մեզի ցոյց կու տան երէց եւ նոյնիսկ ալեհեր մարդոց պատկառելի թիւ մը, մինչ անոնց տեղ պէտք է ըլլան երիտասարդները, որոնք, ո՞վ գիտէ, ի՛նչ կարեւոր գործերով զբաղած կ՛ըլլան եւ իրենց մասնակցութիւնը չեն բերեր իրենց ձայնն ալ լսելի դարձնելու համար:

Չեմ ուզեր դատաւորի դեր խաղալ եւ ամբաստանութեան թիրախը ճշդել, այլ միայն ըսեմ, որ մեղքի մեծ բաժինը ի՛նքը` երիտասարդութիւնը ունի: Նախ եւ առաջ արժէ նշել, որ լսարաններ այցելելու համար յատուկ պայմաններ լրացնելու կարիք չկայ, այլ մարդուն փափաքն ու պատրաստակամութիւնը տիրական են հոս: Հետեւաբար իւրաքանչիւր անձ կրնայ անոնց մասնակցիլ, զինք հետաքրքրող հարցումներ ուղղել եւ պատասխաններ ստանալ, ինչպէս նաեւ` իր տեսակէտը արտայայտել: Երկրորդ, մենք` երիտասարդներս, ունինք բազմաթիւ խնդիրներ, որոնց լուծման յետաձգումը կրնայ աղէտալի հետեւանքներու յանգիլ, եւ չենք կրնար միշտ յոյս դնել մեր երէց ընկերներուն վրայ եւ անոնց վստահիլ, այլ պարտաւոր ենք մասնակից դառնալ խնդիրներու լուծման:

Հոս կարելի է զուգահեռը գծել ծանօթ երեւոյթի մը հետ: Եթէ մարդ ցաւ մը ունի եւ բժիշկին չ՛երթար ու զայն տեղեակ չի պահեր, բժիշկը պիտի չկռահէ, չգայ եւ չբուժէ հիւանդը: Նոյնն է երիտասարդներուս այսօրուան պարագան: Ինչո՞ւ մեր բիւր խնդիրներով խճողուած ներկան եւ որոշ յստակացումի պահանջ ունեցող ապագան պատահականութեան կը ձգենք` մտածելով, որ մեծերու աշխատանքով կամ նոյնիսկ ինքնիրեն կը լուծուի ամէն բան: Զանազան առիթներով կազմակերպուած ձեռնարկներու ընթացքին կը լսենք կոչեր եւ յայտարարութիւններ, որոնք կը միտին երիտասարդութիւնը աշխուժացնել, ազգային կառոյցներուն հետ գործակցութեան մղել, ինչպէս նաեւ` խրատ տալ, որ նեցուկ եւ թիկունք կանգնինք երէց սերունդին: Եւ խուլ կը ձեւանանք տակաւին: Բայց արդեօք կամք ու կորով չունի՞նք ծուլութեան եւ կասկածամտութեան սահմաններէն դուրս գալու եւ փոփոխութիւններ յառաջացնող ազդակ դառնալու: Ազգային հաստատութիւններուն եւ միութիւններուն մաս կազմելու փոխարէն` մեր աշխուժ մասնակցութիւնը բերելու եւ ձայնը լսելի դարձնելու փոխարէն` կը նախընտրենք ոչինչ ընել, կեանքի լաւագոյն տարիները հաճոյքով անցընել եւ ժամանակ մը ետք, քաղցր մոռացութենէն սթափելով եւ դառն իրականութեան վերադառնալով, կը սկսինք յանդիմանել մեր մեծերը, որոնք իրենց «քարացած» մտայնութեամբ եւ «մաշած» գաղափարներով չեն կրնար լուծում մը գտնել երիտասարդութինը հիւծող խնդիրներուն: Մենք զմեզ չխաբենք: Պէտք չունինք սպասելու, որ մէկը գայ եւ մեր վիճակով հետաքրքրուի ու տեղեկանայ, ոչ ալ ժամանակը դեղ ու միջոց նկատենք մեր այսօրուան լճացած վիճակը փոխելու եւ հարցերուն լուծումներ բերելու, այլ մենք մեր կամքով եւ մեր խօսքով բարձրաձայն մեր կարծիքը արտայայտենք, նոյնիսկ եթէ միտքերու բախում ունենանք մեր մեծերուն հետ, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս ազգային խնդիրներուն եւ յատկապէս երիտասարդութեան առնչուած հարցերուն լուծումներ գտնելու մէջ մեր մասնակցութիւնը բերենք եւ պատրաստակամութիւն ցուցաբերենք:

Բարեբախտաբար մեր թերթերը, որոնց կարգին նաեւ «Ազդակ»-ը, կ՛ողջունեն երիտասարդութեան հետ երկխօսութիւնը, առիթ կ՛ընծայեն մեզի, որ յօդուածներ ստորագրենք եւ այդ միջոցով թերթի ճամբով կարելի կ՛ըլլայ երեւոյթները քննարկել եւ վերլուծել, մեզ հետաքրքրող հարցերը լուսարձակի տակ բերել, ինչպէս նաեւ` ազգային կեանքին մէջ մեր ներգրաւուածութիւնը փաստել:

Յարգելի՛ ընկերներ, այսօրուան համացանցի դրութիւնը եւ արհեստագիտական դիւրութիւնները կարելիութիւն կու տան մեզի մեր խօսքը եւ տեսակէտը անդադար հնչեցնելու, բայց մանաւանդ կարեւոր կը նկատեմ մամլոյ հետ մեր յարաբերութիւնները` ըլլան նամակներով կամ յօդուածներով: Գրենք, առաջարկներ ներկայացնենք, մեկնաբանութիւններ տանք, գաղափարական հասունութիւն եւ առողջ միտք բուրող յօդուածներ ստորագրենք: Ինչպէս նախապէս ըսի, հոգ չէ, եթէ միտքերու բախում ունենանք մեր մեծերուն հետ, քանի որ, ինչպէս կ՛ըսեն, «Վէճի ընդմէջէն ճշմարտութիւն կը ծնի»: Ըլլանք ընթերցասէր, մենք զմեզ քաղաքականացնելու ձգտինք եւ կը կարծեմ, որ այդպիսով վստահութիւնը կը վայելենք մեր երէց ընկերներուն քով: Կը հաւատամ, որ ղեկավար շրջանակները մեր այս աշխուժ ներկայութենէն խանդավառուած` ոչ թէ թերթով, այլ ուղղակի մեզի հետ պիտի նստին հարցերը քննարկելու, մեր առաջարկները լսելու, կարծիքներ առնելու, եւ կը կարծեմ, որ մեզի առիթ եւ տեղ պիտի տան գործի դաշտ մտնելու: Յաճախ կ՛ըսեն, որ` «Մենք դարբիններն ենք մեր ճակատագրին»: Կը կարծեմ, թէ որոշ ճշմարտութիւն կայ այս խօսքերուն մէջ: Անշուշտ չենք կրնար կեանքի ընթացքը մեր հակակշիռին տակ առնել, սակայն կրնանք մեր կարելին ընել եւ ազգային պարտքը կատարած ըլլալու գոհունակութիւն զգալ: Բնական է, որ ամէն մարդ միշտ ալ դէպի լաւը փոփոխութիւններ կ՛ուզէ, այլապէս ստեղծուած դժուար կացութեան փոխուիլը կը յուսայ, սակայն պատմութիւնը կը փաստէ, որ անհնար է տեղ մը նստիլ ձեռնածալ եւ հրաշքի մը սպասել: Փոփոխութիւնը յարատեւ աշխատանքի ծարաւ է:  Հարիւր տարի առաջ մեր հասակակիցները յեղափոխութիւն կը ծաւալէին, հանրապետութեան հիմը կը դնէին: Մենք այսօր դեռ որքա՞ն վերապահ պիտի մնանք: Կը բաւէ այլեւս…

 

 


Տեսակէտ. Խաղաղութիւն…Կարելի՞ Է

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Դեկտեմբերին ազրպէյճանական ազգայնական շարք մը կազմակերպութիւններու համակիրներ ներխուժեցին Պաքուի մէջ գտնուող երկրորդական վարժարան մը եւ պահանջեցին, որ ուսուցիչներէն Ռոշան Ազիզովը արտաքսուի դպրոցէն: Ազիզովի յանցանքը այն էր, որ մշակութային ձեռնարկի մը ընթացքին իր աշակերտներէն մէկուն հայկական տարազ հագցուցած էր եւ խաղաղութեան կոչեր ուղղած` երկու ժողովուրդներուն: Դպրոցի տնօրէնութիւնը ստիպուած` 28 դեկտեմբերին արտաքսեց Ազիզովը:

«Եուրէյժիանեթ»-ի (11/1/2018) հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Ազիզով յայտնեց, որ ազրպէյճանցի ազգայնամոլները զինք անարգեցին եւ ամբաստանեցին հայ գործակալ մը ըլլալու յանցանքով, նշելով, որ ինք Ազրպէյճան եկած է երկիրը քանդելու միտումով: Սակայն Ազիզով կ՛ըսէ, որ իր հիմնական նպատակը ազգերու միջեւ խաղաղութիւն եւ երկխօսութիւն հաստատելն է:

Դիմատետրի միջոցով կարճ հարցազրոյց մը ունեցայ Ազիզովին հետ: Ըստ իրեն, «նախ խաղաղութիւն պէտք է հաստատուի ազգերուն միջեւ, եւ քաղաքականութիւնը պէտք չէ պատճառ հանդիսանայ երկու դրացի ժողովուրդներուն միջեւ պատերազմ եւ մարդասպանութիւն տարածելու: Այո՛, ղարաբաղեան հարցը կայ, բարդ նիւթ է, սակայն երկխօսութեամբ պէտք է լուծուի անիկա, որովհետեւ պատերազմով հարցը չի լուծուիր»:

Իսկ երբ իրեն հարցուցի, թէ մտահո՞գ է իր կեանքին համար, հետեւեալն էր պատասխանը. «Այսօր Ազրպէյճանի մէջ զիս կը նկատեն ազգի դաւաճան, ամէն երկվայրկեան սպառնալիք մը կայ, թերեւս յարձակին տանս վրայ ու սպաննեն զիս եւ ընտանիքս: «Ղարաբաղի ազատագրական շարժման» նախագահը` Աքիֆ Նակին, ժողովուրդին առջեւ ինծի ըսաւ, որ դաւաճան մըն եմ: Աւելի՛ն.  ուրիշներ զիս ամբաստանեցին թուրք կրօնական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենին հետեւորդներէն ըլլալու յանցանքով, պարզապէս որովհետեւ Դիմատետրի վրայ տարածեցի տեսանիւթ մը, ուր աշակերտներս նաեւ կը տօնեն հայկական մշակոյթը. բնական է` բոլորս ալ Կովկասի մէջ կ՛ապրինք եւ դրացի ժողովուրդ ենք: Վերջերս Թուրքիոյ մէջ Գորշ գայլերը նաեւ արշաւ կը տանին դէմս եւ նոյն ամբաստանութիւնները կը կրկնեն, ես գիտեմ, թէ ո՛վ եմ ես, եւ իմ նպատակս խաղաղութիւնն է, թերեւս սուղ գին վճարեմ ասոր համար»:

2012-ին կատարուած ուսումնասիրութիւն մը կը նշէ, որ ազրպէյճանական պատմութեան գիրքերը լեցուն են հակահայ եզրերով, որոնք ուղեղալուացումի կ՛ենթարկեն երիտասարդ սերունդները փոքր տարիքէն: Այդ եզրերուն շարքին են` «հայ ահաբեկիչ, հայ ֆաշական, հայ անջատողականներ, հայկական բարբարոսութիւններ, աղտոտ հայեր…»: Հայերը նաեւ կը նկատուին ոչ բնիկ ժողովուրդի ներկայացուցիչներ, որոնք ռուսերուն միջոցով բնակուած են Կովկասի եւ «գրաւուած պատմական Ազրպէյճան»-ի տարածքներուն մէջ: Օրխան Նապիեւ` ազրպէյճանցի խաղաղասէր գործիչ մը, «Եուրէյժիանեթ»-ին (11/1/2018) կը յայտնէ, որ ազրպէյճանական ընկերութիւնը այսօր թունաւորուած է այսպիսի եզրերով, որոնց ետին կը կանգնի Ալիեւի վարչակազմը, եւ այսօր քաղաքական հարցը վերածուած է ցեղային-քաղաքական հարցի մը. պարզապես հայ ըլլալը հաւասար է դաւաճան ըլլալուն Ազրպէյճանի մէջ: Անշուշտ ասիկա նաեւ նախագահ Իլհամ Ալիեւ կ՛օգտագործէ իբրեւ զէնք` ազրպէյճանցի ընդդիմադիրներուն դէմ: Վերջերս բազմաթիւ ընդդիմադիրներ բանտարկուեցան, պարզապէս որովհետեւ Եւրոպայի մէջ հայերու հետ մասնակցած էին խաղաղութեան խորհրդաժողովներու եւ այդ պատճառով ամբաստանուած էին հայ գործակալ ըլլալու յանցանքով:

«Պայքարս խաղաղութիւնն է», այս է Ռոշան Ազիզովի նպատակը: Անշուշտ ապագան աւելի կրնայ բացայայտել անոր իսկական դիմագիծը այն առումով, թէ ան իրապէ՞ս խաղաղասէր անձ մըն է, թէ՞ այս բոլորը ազրպէյճանական թատրոն մըն է: Որոշ պրպտումներէ ետք կրնանք յայտնաբերել հետեւեալը` Ազիզովի ինքնութեան մասին. ան որդեգրուած է ազրպէյճանցի ընտանիքի մը կողմէ, զինք որդեգրած ընտանիքը ըսած է, որ անոր բուն ծնողները եղած են ռուս, սակայն երբ 2014-ին զինք որդեգրած մայրը մահացաւ, Ազիզով սկսաւ հետազօտութիւններ կատարել իր անցեալին մասին, եւ ի յայտ եկաւ, որ իր իսկական ընտանիքի անդամները եղած են Պաքուէն հայեր, որոնք փախուստ տուած են, երբ Պաքուի ջարդերը կատարուեցան եւ ազրպէյճանցիները յարձակեցան հայերուն վրայ: Հաւանաբար այս ինքնութիւնը զայն կը մղէ, որ որդեգրէ այսպիսի ճամբայ մը:

Սակայն պահ մը երեւակայենք (եւ գրգռութիւն չէ առաջադրածս), որ եթէ հայ մը ելլէր եւ ըսէր, որ ինք խաղաղութիւն կը պահանջէ ազրպէյճանցիներուն հետ, արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլար մեր դիրքորոշումը, որովհետեւ այսպիսի հարցումներ կային Դիմատետրի վրայ… սակայն ինչո՞ւ չէ, soft power-ը նաեւ քաղաքականութեան եւ պայքարի այլընտրանք է, եւ Ազրպէյճանը ներսէն ուղղելու նպատակ մը «խաղաղասէր ազրպէյճանցիներ» ունենալն է մեր կողքին:

Կարելի է մտածել…

Yeghia.tash@gmail.com

 

Լիբանանը` Երեւանի Պատուհանից. «Ազդակ»-ի Հիւրընկալ Յարկի Տակ (Հատուած Ուղեգրութիւնից)

$
0
0

Կրկին Լիբանանում եմ, բայց դեռ թարմ են նախորդ այցելութեանս յուշերը, որոնք տաք ու գունեղ երանգներով թրթռում են իմ երակներում: Այդ այցելութիւնից ծնունդ առաւ «Պատկերներ Լիբանանից» ծաւալուն ուղեգրութիւնս, որն իմ նուէրն է լիբանահայութեանը, նաեւ գրական յուշարձան է մեր անթաղ` շուրջ երկու միլիոն անմեղ զոհերի յիշատակին, որոնք անհետ ու անշիրիմ հեռացան այս աշխարհից…

Պէյրութում լոյս տեսնող «Ազդակ» օրաթերթի նախաձեռնութեամբ դեռ մէկ տարի առաջ էր ծրագրուած կազմակերպել գրքիս շնորհանդէսը: Իրերի բերումով, սակայն, շնորհանդէսը յետաձգուեց: Եւ հիմա, երբ կրկին Լիբանանում եմ, սիրելի բարեկամս` օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը նախաձեռնել է խոստացած շնորհանդէսը իր հիւրընկալ յարկի տակ: Օր առաջ նա առաջարկել էր աւելի վաղ հանդիպել, զրուցել այսօրուայ հրատապ, մեր ժողովրդի համար օրախնդիր հարցերի շուրջ: Առաջարկը սիրով էի ընդունել:

Գանտահարեանի աշխատասենեակում եմ: Խմբագիրը մի կողմ է դնում խմբագրուելիք նիւթերը եւ տպագրութեան պատրաստ էջադրուած թերթը:

– Մամուլից գիտեմ, որ այս տարի լրացաւ ձեր հիւպատոսական գործունէութեան տասնամեակը,- ասում է նա: – Մինչ գրքի շնորհանդէսը` մեր լրագրողը ձեզ հետ կը զրուցի, այդ զրոյցը կը տպագրենք «Ազդակ»-ում: Լաւ կը լինի, որ գրքից զատ` խօսէք Հայաստան-Սերպիա գրական-մշակութային կապերի եւ ձեր հիւպատոսական գործունէութեան մասին, քանի որ լիբանանահայութիւնը, կարելի է ասել, լիարժէքօրէն տեղեակ չէ այդ հարցերին: Մեր ընթերցողին այդ թեմաները համարեա անծանօթ են, բայց վստահ եմ, որ մեծ հետաքրքրութիւն են առաջացնելու, մանաւանդ երբ խօսքը սերպահայ համայնքին է վերաբերում: Ձեզնից աւելի լաւ ոչ ոք չի ներկայացնի այդ թեման:

– Սիրո՛վ,- պատասխանում եմ,- անկեղծ ասած, ուր էլ գնամ, որտեղ էլ շրջագայեմ, մարդկանց հետ զրուցելիս հիմնական թեման հայ-սերպական մշակութային առնչութիւններն են, քանի որ ժողովուրդներն աշխարհին ներկայանում են առաջին հերթին մշակոյթով:

– Երբ լրագրողուհին աւարտի ձեզ հետ զրոյցը, կը շարունակենք խօսել,- ասում է խմբագիրը:

Երիտասարդ լրագրողուհին ինձ հրաւիրեց գրքերով ու տարբեր հրատարակութիւններով լի առանձնասենեակը: Բազմազան էին ինձ ուղղուած հարցերը, բայց հարցաշարում երկու կարեւոր բան էր հետաքրքրում նրան` պատուոյ հիւպատոսի իմ գործունէութիւնը եւ սերպահայ համայնքի անցեալն ու ներկան: Շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հարցազրոյցում արծարծուեցին համարեա բոլոր առանցքային հարցերը` սկսած 13-ից 20-րդ դարերում սերպահայ համայնքի ձեւաւորումից մինչեւ պատուոյ հիւպատոսի նշանակումը: Փորձեցի  ներկայացնել սերպահայ համայնքի աւելի քան 750 տարուայ պատմութեան առաւել կարեւոր շերտերը:

– Այնքան հետաքրքրական ու կարեւոր է ձեր խօսքը, որ մէկ հրապարակումով անհնար պիտի ըլլայ ներկայացնել այդ ամէնը,- ասում է լրագրողուհին,- դրանք կարելի է տպագրել յօդուածաշարի տեսքով մը:

– Դուք ձեր գործը լաւ գիտէք,- պատասխանում եմ,- կարծում եմ` հմտօրէն ու սեղմ կը ներկայացնէք ասածներս, իսկ եթէ խօսքը վերաբերում է սերպահայ համայնքին վերաբերող յօդուածաշարին, ապա ես խմբագրի հետ արդէն պայմանաւորուել եմ ինքս յօդուածաշար պատրաստել «Ազդակ»-ի համար, նա սիրով է ընդունել առաջարկս:

Կրկին վերադարձայ Շահան Գանտահարեանի աշխատասենեակը:

– Դէ, ինչպէ՞ս ստացուեց հարցազրոյցը, բարեկա՛մս,- հետաքրքրւում է նա:

– Բովանդակալից ու անմիջական,- պատասխանում եմ: – Լրագրողուհին նշեց, որ պատմածներիցս շատ բան առաջին անգամ էր լսում եւ աւելացրեց, որ այդ ամէնը դժուար է ներկայացնել մի հրապարակումով:

– Մեր լրագրողները բաւականին փորձառու են ու թրծուած, կ՛անեն այնպէս, որ գոհ մնաք,- կէսլուրջ, կէսկատակ ասում է խմբագիրը,- մեր թերթը տասնամեակների աւանդոյթներ ունի եւ մեծ առաքելութիւն է իրականացնում: Մեր նպատակն է մշակոյթի միջոցով հայապահպանութեան սերմեր սփռել ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլեւ սփիւռքում բնակուող մեր բոլոր հայրենակիցների մէջ: Ի դէպ, ձեզ, որպէս պատուոյ հիւպատոսի, կը հետաքրքրի, թէ որքանո՛վ է մեր թերթն արտացոլում միջազգային յարաբերութիւններն ու կապերը: Մենք այդ առումով հարուստ փորձ ունենք եւ մեզանում աւանդական դարձած մամլոյ լսարանների հիւրերն են ոչ միայն հայաստանաբնակ մտաւորականները, այլեւ` օտարազգիներ: Մեզ ժամանակ առ ժամանակ այցի են գալիս նաեւ դիւանագէտներ, եւ այդ հանդիպումներն արտացոլւում են «Ազդակ»-ի էջերում: Փորձում ենք նրանց ներկայացնել Հայ դատի, հայոց պահանջատիրութեան, Արցախին վերաբերող հիմնահարցերի մեր հայեցակարգը, որովհետեւ աշխարհն ամէն օր փոխւում է, անշուշտ, փոխւում են նաեւ մարդկային յարաբերութիւնները, տեսակէտները, գնահատականները: Մեր ժողովուրդը դէմ յանդիման բախւում է նոր մարտահրաւէրների, որոնց այդքան էլ հեշտ չէ դիմակայել` հաշուի առնելով մեր ֆիզիքական ներուժը: Լաւ գիտէք, որ ազգային հիմնահարցերին վերաբերող պայքարն այդքան էլ հեշտ չէ, եւ դա զոհողութիւններ է պահանջում:

– Ես լաւ եմ հասկանում ձեր մտահոգութիւնը,- շարունակում եմ խմբագրի խօսքը,- դրա վառ օրինակը Եւրոդատարանին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի` Սսի կաթողիկոսութիւնն իր իսկական տէրերին վերադարձնելու արդար պահանջատիրութիւնն է, որը, ցաւօք, անհիմն մերժուել է: Գերտէրութիւններին չեն հետաքրքրում փոքրաթիւ ժողովուրդների պայքարն ու ճակատագիրը: Եւ եթէ մենք ժամանակ առ ժամանակ յաղթանակներ ենք արձանագրում, ապա այդ ամէնի դիմաց շատ թանկ ենք վճարում, նոյնիսկ` զոհողութիւններով ու մարդկային կորուստներով: Մենք փոքրաթիւ ժողովուրդ ենք, եւ մեր պայքարը շարունակական է, իսկ արդար պահանջատիրութիւնը` խիստ անհրաժեշտութիւն: Սփիւռքում ապրող մեր հայրենակիցներն իրենց մտաւոր ներուժը եւ հեղինակութիւնը ներդնում են` աշխարհին ներկայացնելով մեր շարունակուող պայքարի խորհուրդը եւ դրան վերաբերող ճշմարտութիւնը: Անհնար է պատկերացնել հայկական սփիւռք ունեցող որեւէ երկրի հասարակական կեանքը` առանց հայերի միջամտութեան: Հայերը ներկայ են ամէնուր, նրանք հարստացնում եւ նոր երանգներ են հաղորդում աշխարհի բոլոր երկրներում` պահպանելով, սակայն, իրենց ազգային դիմագիծը: Արեւմուտքում, ցաւօք, աւելի առկայ է ձուլման վտանգը, մինչդեռ Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկրների հայ գաղթավայրերն աւելի աւանդապաշտ ու պահպանողական են: Լիբանանը դրա լաւագոյն դրսեւորումն է: Երբ խօսքն աւանդապաշտութեանն է վերաբերում, ակամայից մտաբերում եմ ձեր հօր` Գէորգ Գանտահարեանի անուան հետ կապուած հիանալի պատմութիւնները, որոնք լսել եմ իմ լիբանանահայ բարեկամներից: Կարդացել եմ նաեւ Երեւանում նրա մասին լոյս տեսած հրաշալի գիրքը, ուր զետեղուած են նրա խոհափիլիսոփակայան մտքերը, որոնցից յառնում է նրա լուսաւոր կերպարը: Իրօք, պայծառ անհատականութիւն է եղել: Նա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքում աւելի քան կէս դար դասախօսել է, իսկ ներկայիս անուանի շատ հոգեւորականներ ու վարդապետներ նրա սաներն են եղել: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը եւս նրա սան է եղել եւ միշտ յարգանքով ու մեծարանքով է խօսել Գէորգ Գանտահարեանի մասին:

Շահանը համեստօրէն ոչինչ չասաց հօր մասին: Գուցէ դրա կարիքը չկար, որովհետեւ Գէորգ Գանտահարեանի մասին Երեւանում լոյս տեսած գիրքն այնքան խօսուն ու յագեցած է, որ մնացած բոլոր պատմութիւններն աւելորդ են: Գիտէի, որ նա ծնուել էր Դամասկոսում, այնուհետեւ մշտական բնակութեան տեղափոխուել Լիբանան, բայց սրտով ու հոգով կապուած էր Մայր Հայաստանին: Երազում էր իր վերջին հանգրուանը գտնել հայրենիքում: Այդպէս էլ եղաւ: Մահուանից յետոյ նրա աճիւնն ամփոփուեց Երեւանում…

– Պարո՛ն Սիմոնեան, կը շարունակենք մեր զրոյցը,- ասում է Շահանը,- իսկ հիմա գնանք, պէտք է սկսել գրքի շնորհանդէսը, մարդիկ արդէն հաւաքուել են: Գրքից զատ` խնդրում եմ անպայման խօսէք Սողոմոն Թեհլիրեանի, Վահան Մինախորեանի եւ Արշալոյս Աստուածատրեանի մասին: Ձեր հրապարակումներից գիտեմ, որ երեքն էլ ապրել են Պելկրատում, որ` բազմիցս հանդիպել էք նրանց հարազատներին ու ազգականներին եւ, անշուշտ, ասելու շատ բան կ՛ունենաք:

– Շա՛տ լաւ,- պատասխանում եմ,- նրանց մասին կարող եմ ժամերով խօսել, քանի որ արժէքաւոր նիւթեր ունեմ, որոնք ինձ են տրամադրել Թեհլիրեանի եւ Աստուածատրեանի ազգականները: Մինախորեանի մասին, ցաւօք, շատ բան ասել չեմ կարող, բայց վերջերս եմ եղել Պելկրատում եւ գտել նրա գերեզմանը:

Փոքրիկ սրահում, ուր պիտի անցկացուէր շնորհանդէսը, հաւաքուել էին լիբանանահայ անուանի մտաւորականներ, կուսակցական ու հասարակական գործիչներ` Երուանդ Փամպուքեանը, Ժիրայր Դանիէլեանը, Արամ Սեփեթճեանը, Գէորգ Սանթուրեանը, նաեւ` շարքային գրքասէրներ: Ցանկանում էին լսել առանձին դրուագներ մասնաւորապէս Սողոմոն Թեհլիրեանի կեանքից, նաեւ` 1983 թուականի մարտի 9-ին Պելկրատում Թուրքիայի դեսպան Ղալիպ Պալքարին ահաբեկած երկու լիբանանահայերի ու նրանց ճակատագրի մասին:

– Դուք կը ճանչնա՞ք Անդրանիկ Պօղոսեանը եւ Րաֆֆի Էլպեքեանը, որոնք Պելկրատի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը ահաբեկած են,- հարցնում է ներկաներից մէկը:

– Ճանաչում եմ, անշուշտ,- պատասխանում եմ: – Ես նոյնիսկ անձամբ ճանաչել եմ նրանց դատավարութեանը մասնակից սերպ փաստաբաններ Վելքօ Կուպերինային եւ Փրիեզտա Փոփովիչին, որոնց հետ բազմաթիւ զրոյցներ եմ ունեցել: Դատավարութեան ընթացքում նրանց վերաբերմունքը հայանպաստ էր, քանի որ քաջատեղեակ էին հայոց Մեծ եղեռնի մանրամասնութիւններին: Երկուսն էլ, ցաւօք, հանգուցեալներ են: Պելկրատում վերջերս լոյս տեսած իմ գրքում գրել եմ այդ մասին:

… Զրոյցս դուրս եկաւ գրքի շրջանակներից: Հետաքրքիր դրուագներ պատմեցի հայ-սերպական իմ աւելի քան 40-ամեայ գործունէութիւնից, այն մասին, թէ սերպահայ գաղթօճախին վերաբերող նիւթեր ձեռք բերելու նպատակով ի՛նչ ծաւալուն ուսումնասիրութիւններ եմ կատարել Հայաստանի ու Սերպիայի արխիւներում, Վենետիկի ու Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան դիւաններում: Տեղեկացրի, որ այդ ուսումնասիրութիւնների արդիւնքում իմ հեղինակութեամբ լոյս կը տեսնի 13-րդ դարից մինչեւ օրերը Սերպիայում ապրած բոլոր ծանօթ եւ անծանօթ սերպահայերին վերաբերող մի աշխատութիւն:

Իմ խօսքից յետոյ հետաքրքիր երկխօսութիւն սկսուեց, եղան հարցեր, որոնք աւելի շատ վերաբերում էին Սողոմոն Թեհլիրեանի կենսագրութեան քիչ ծանօթ էջերին: Լիբանանահայ անուանի մտաւորական, «Կամար» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեանը ամփոփիչ խօսք ասաց, ջերմօրէն խօսեց «Պատկերներ Լիբանանից» հատորիս մասին, նշեց, որ դրանում ամփոփուած են իմ խոհերն ու մտորումները 2013 թուականին Լիբանան կատարած ուղեւորութիւնից, յաւելեց, որ այդ գիրքը իմ լաւագոյն նուէրն է լիբանանահայութեանը: Նա նաեւ նշեց, որ դիւանագէտի համար շատ կարեւոր է, որ նա գրքի ու գրականութեան մարդ է, եւ միայն այդ դէպքում է նման համատեղումը հրաշալի արդիւնք տալիս: Դրանով չաւարտուեց Ժիրայր Դանիէլեանի ջերմ խօսքը: Նա իմ յուշագրքում այսպիսի գրառում արեց. «Գրել անձի մը մասին` կաշկանդուածութիւն կ՛ենթադրէ: Բայց գրել պայծառ մարդու մը մասին, որ իր մէջ կուտակած է բազմաթիւ ձիրքեր, եւ որ մանաւանդ բարեկամ է ու ընկեր, կաշկանդուածութիւնը կ՛անէանայ եւ գրիչդ հեզասահօրէն կ՛արձանագրէ քու մտածումներդ ու ապրումներդ: Բաբգէնի հետ ծանօթութիւնս շուրջ հինգ տարիներու վրայ կ՛երկարի: Հինգ տարի միայն… կարծես թէ Բաբգէն մարդն ու գրողը, բանաստեղծն ու թարգմանիչը, ուղեգրողն ու դիւանագէտը քեզի ծանօթ է հինգ անգամ հինգ տարիներէ ի վեր… Բաբգէնը շարժուն, շարժական կամուրջ է: Կամուրջ, որ կը կամրջէ Հայաստանը Սերպիոյ, Սերպիան` Հայաստանին, Հայաստանն ու արտասահմանեան բազմաթիւ հայ համայնքներ: Կը սերտացնէ կապը անոնց միջեւ: Կը խանդավառէ, մարդոց մէջ կը սերմանէ բարիին հանդէպ հաւատք, կ՛ոգեւորէ զանոնք հայու անմար խիզախութեամբ ու ապագային հանդէպ անբեկ յոյսով:

Սիրելի՛ Բաբգէն, դուն նուիրեալ ուղեւոր ես եւ քու ուղեւորութիւնդ անկասելի է…

21 նոյեմբեր 2017 թ.
Պուրճ Համուտ,
«Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ»

 

… Այս տաք ու անմիջական գրառումին յաջորդեցին նաեւ այլ մտաւորականների ոգեշնչող խօսքերն ու գնահատականները: Յետոյ խմբուեցինք Գանտահարեանի աշխատասենեակում մի գաւաթ սուրճի շուրջ, շարունակուեց հետաքրքիր զրոյցը, որ նուիրուած էր մեզ բոլորիս յուզող ազգային խնդիրներին եւ, առաջին հերթին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան` առաջիկայում նշուելիք 100-րդ տարեդարձին: Նրանց տեղեկացրի նաեւ, որ 2018-ին Պելկրատում հիւրընկալուելու է Սարդարապատի Ազգագրական թանգարանը, որի բացառիկ ցուցանմուշները ներկայացուելու են սերպ հասարակայնութեանը, եւ որով մենք ցոյց ենք տալու համաշխարհային մշակոյթում եւ քաղաքակրթութեան մէջ ունեցած մեր հսկայական աւանդն ու դերը:

ԲԱԲԳԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Նոյեմբեր, 2017 թ.
Երեւան-Պէյրութ-Երեւան

Համապետական Եւ Համազգային Շահերու Իսկական Բեւեռը

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Կը գտնուինք նախագահական վարչակարգի լուծարման սեմին։ Դեկտեմբեր 6, 2015 թուին, համաժողովրդական հանրաքուէով վաւերացում ստացած ՀՀ Սահմանադրութիւնն է, որ շուտով, իր ամբողջութեա՛նը մէջ, կիրարկման պիտի դրուի Նախ. Սերժ Սարգսեանի իրաւասութիւններու աւարտման պաշտօնական աքթով։ Մինչ այդ ՀՀ Ազգային Ժողովը պիտի ընտրէ նոր նախագահ, որ իր իրաւասութիւնները պիտի ստանձնէ նախագահական վարչակարգի լուծարումէն անմիջապէս ետք։ Այնուհետեւ նորընտիր նախագահը կը սկսի գործել խոհրդարանակա՛ն վարչակարգի րեժիմով եւ իր նո՛ր լիազօրութիւններու սահմանին մէջ, որոնք այլեւս դուրս կ՚իյնան գործադիր իշխանութեան հիմնական գործառոյթներու մայրուղիէն։ Այլ խօսքով, ՀՀ նախագահը կը դադրի պետութեան որոշողական կառոյցի կեդրոնական բեւեռը հանդիսանալէ։

Այնուամենայնիւ պէտք չէ փութկոտ եզրակացութիւններու յանգիլ այս խնդրով։ Նախագահական նոր լիազօրութիւններու դաշտը դեռեւս չփորձուած գետին է, որ կեանքի նոր փորձով կրնայ պետական գործընթացի նոր հորիզոններ բանալ եւ Սահմանադրութեան կառոյցը ի նորոյ իմաստաւորել։ Շատ բան կախում ունի նոր նախագահի անհատականութենէն, քաղաքական դաշտի իր հասողութենէն (access), իր քաղաքական փորձառութենէն եւ իր յատուկ հմտութիւններէն եւ նորընտիր վարչապետի կառավարման ընդհանուր վարքագիծէն։ Մէկ բան յստակ է։ Նորընտիր նախագահը կրնայ կարեւոր դերակատար մը ըլլալ պետութեան կեանքին մէջ, եթէ խորհրդարանական նոր միջավայրը գործէ լայնախոհութեամբ եւ նախագահական աթոռը աճի առողջ մթնոլորտի մը մէջ։ Եւ անշուշտ այս բոլորը կապուած է մեծ եթէներու հետ։

Նախ. Սարգսեան «Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան և անվտանգութեան երաշխաւորն» էր։ Ան նաեւ ՀՀ զինուած ուժերու վերին հրամանատարն էր։ Նոր նախագահը չունի այդպիսի պատասխանատուութիւններ։ Մէկ կողմէ՝ ան կը շարունակէ պահպանել «պետութեան գլուխը» ըլլալու իր հանգամանքը. միւս կողմէ սակայն՝ անոր պատասխանատուութիւններու բնոյթը – գէթ ներկայի՛ս — շատ թոյլ է եւ առաձգական։ Նոր նախագահին պարտականութիւնն է «հետեւիլ Սահմանադրութեան պահպանման»։ Ան նաեւ իր երդմամբ յանձնառու է «հաւատարիմ լինելու Սահմանադրութեան»։ Եթէ մօտէն քննենք այս բառապաշարը, պէտք է անպայման հարց տանք, թէ իսկապէս ի՞նչ կշիռ ունին Սահմանադրութեան այս անորոշ տրամադրութիւնները։ Ի՞նչ կը նշանակէ «հաւատարիմ ըլլալ» Սահմանադրութեան եւ «հետեւիլ անոր պահպանման»։ Ամէն քաղաքացի բարոյական եւ օրինական պարտաւորութեան տակ կը գտնուի Սահմանադրութեան հաւատարիմ ըլլալու եւ այս առումով նախագահին հաւատարմութիւնը յատուկ պայման մը չ՛աւելցներ այս ընդհանուր պարտաւորութեան վրայ։ Իսկ Սահմանադրութեան պահպանման «հետեւելու» պայմանը ենթակայ է մեծ մեկնաբանութիւններու եւ ան աւելի շուտ կը վերահաստատէ Սահմանադրական Դատարանի գերակայ լիազօրութիւններու փաստը՝ շատ նեղ լուսանցք մը միայն թողնելով նախագահին Ազգային Ժողովի կողմէ ընդունուած օրէնքներու վաւերացման մարզին մէջ։

Ըստ իս, շահեկան նորութիւնը նոր նախագահի սահմանադրական լիազօրութիւններու փաթեթին մէջ հետեւեալն է։ Սահմանադրութիւնը կ՛ակնկալէ նախագահէն ըլլալ «անաչառ» և «առաջնորդուիլ ԲԱՑԱՌԱՊԷՍ ՀԱՄԱՊԵՏԱԿԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՀԵՐՈՎ»։ Իր երդմամբ՝ ան նաեւ կը խոստանայ իր «ողջ ուժը ներդնել ազգային միասնութեան ամրապնդման գործին» մէջ։ Սահմանադրութիւնը կը պահանջէ, որ նոր նախագահը մաս չկազմէ որեւէ կուսակցութեան զինք սկզբունքով ազատ կացուցանելով մեծամասնական կուսակցութեան ենթակայութենէն…Այս առումով, Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան կողմէ նախագահի թեկնածու առաջարկելու քայլը յստակօրէն կը հակասէ Սահմանադրութեան ոգիին։ ՀՀԿ-ի ղեկավարութիւնը պէտք էր յարգէր նախագահի թեկնածու առաջարկելու սահմանադրական կարգը։ Սահմանադրութեան մէջ նախատեսուած չէ պաշտօնական որեւէ կարգ Ազգային Ժողովին մաս կազմող կուսակցութիւններու կողմէ նախագահական թեկնածու առաջարկելու եւ այս պարագան հարազատօրէն կը ցոլացնէ նախագահին անկուսակցական ըլլալու սահմանադրական պայմանը։ Պէտք է շնորհաւորել պր. Արմէն Սարգսեանը ՀՀ նախագահին տրուած իր պատասխանին համար, ուր ան կարեւորութեամբ կը շեշտէ անհրաժեշտութիւնը քաղաքական դաշտի միւս շերտերուն հետ խորհրդակցելու՝ ՀՀԿի առաջարկին ընդառաջելէ առաջ։

Կարևոր է պր. Սարգսեանի դրած այս պայմանը, քանի որ ան անմիջականօրէն կապ ունի նոր նախագահի անաչառ ըլլալու եւ համապետական եւ համազգային շահերով առաջնորդուելու առաքելութեան հետ։ Համապետական շահերով ղեկավարուելու պայմանը ինքնաբերաբար կ՚ենթադրէ երկրի ընդդիմութեան գաղափարներու ներառումը նախագահական դատողութեան ծիրէն ներս։ Բայց նաեւ Սահմանադրութիւնը կ՛երթայ շատ աւելի հեռուն։ Ան կը պահանջէ, որ նախագահը ուղղորդուի ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ շահերով ի տարբերութիւն սոսկ ՀԱՄԱՊԵՏԱԿԱՆ շահերուն։ Եւ այս մէկը ինքնաբերաբար կ՛ընդգրկէ Սփիւռքը։ Առաջին անգամ ըլլալով, Սփիւռքը, իր հաւաքական շահերու բարդ ագուցուածքով, կը դառնայ լիիրաւ բաղկացուցիչ հայութեան համազգային օրակարգին։ Սահմանադրութիւնը կը պահանջէ, որ նախագահը իր բոլոր ուժականութիւններով աշխատի ազգային միասնականութեան համար։ Եւ իր այս հանգամանքով, նախագահը կ՚առանձնանայ հայ պետականութեան միւս գործիչներէն։ Վարչապետները եւ գործադիր իշխանութեան միւս դէմքերը ի վերջոյ կուսակցական քաղաքականութեան զինուորներն են։ Նոյնպիսի զինուորներ են խորհրդարանի պատգամաւորներն ու ղեկավարութիւնը։ Նախագահն է միայն, որ իր առաքելութեամբ կոչուած է ծառայելու միասնութեան։ Ան է միայն, որ պիտի գործէ կուսակցական շերտաւորումներու քաղաքական նեղ հրամայականներէն վեր եւ նախանձախնդրօրէն ի մի պիտի բերէ ազգային մտածողութեան բոլոր կոտորակները եւ երկիրը պիտի տանի դէպի ազգային ընդհանուր համաձայնութիւն։

Եւ, անշուշտ, պիտի փութանք հարց տալու, թէ արդեօ՞ք ան կրնայ այս ծանր բեռը վերցնել իր ուսերուն։ Ունի՞ արդեօք անհրաժեշտ զէնքերը այս պահանջկոտ ռազմաբեմին համար։

Իմ կարծիքով, պիտի իրապաշտօրէն ընդունինք, որ այս գործին համար շատ վտիտ են Սահմանադրութեամբ նախագահին տրուած լիազօրութիւնները։ Շատ սահմանափակ են իր զէնքերը։ Եւ շատ սակաւ՝ իր իրաւասութիւննե՛րը։ Ճիշտ է, որ ուժեղ անհատականութեամբ օժտուած և հեռատեսութեամբ եւ խիզախութեամբ գործող նախագահի մը համար եղածն ալ թերեւս բաւարար լուսանցք կը հայթայթէ ինքզինք եւ նախագահական աթոռը հաստատելու որպէս վերին իրաւարար, բայց այդ մէկը աւելի շատ պատահականութեան խնդիր է եւ կապուած՝ մեծ թէականութիւններու։ Անոնց վրայ կարելի չէ մեր տունը կառուցել։

Ի վերջոյ, ազգի ընդհանրութեան շահը իր ամբողջութեանը մէջ բիւրեղացնելու եւ զայն դրօշի վերածելու տեսլականը հիմնական առաջադրանք մը պէտք է ըլլայ որեւէ պետականութեան համար։ Ներկայ սահմանադրութեամբ, միայն ՀՀ նախագահն է, որ ունի այդ հանգամանքը, բայց անբաւարար լիազօրութիւններով։ Հետեւաբար մեծ է ռիսքը, որ ներկայ քաղաքական դաշտի մշակոյթով նախագահական աթոռը իյնայ գործադիր իշխանութեան «գրոհ»ին տակ եւ չկարողանայ տէր կանգնիլ իր վերոյիշեալ առաքելութեան։ Ներկայի տուեալներով, ՀՀ քաղաքացին աւելի հիմնական երաշխիքներու պէտք ունի ՀՀ նախագահէն յուսալու իր երկրի էական համերաշխութիւնը։

Ներկայ սահմանադրութեան բնախօսական մեղքերէն գլխաւորը իշխանութիւններու տարանջատութեան զգալի անբաւարարութիւնն է։ Եւ այդ մէկը արդէն իսկ ստեղծած է իր մեծ հարցականը պետութեան կեանքէն ներս։ Այն վարչապետը, որուն ետին կեցող քաղաքական ուժը կը տիրապետէ խորհրդարանի բացարձակ մեծամասնութեան, ինքնաբերաբար կը գործէ նախագահական վարչակարգի բնազդներով։ Ան ինքնաբերաբար խորհրդարանական վարչակարգը կը վերածէ նախագահականի։ Պարզ խօսքով, խորհրդարանական վարչակարգի նոր յարացոյցը (paradigm, պարատիգմա) իրողապէս կը դադրի գոյութիւն ունենալէ։ Խորհրդարանական վարչակարգը կը դառնայ մեռեալ տառ նոյնիսկ միջկուսակցական ներկայ դաշինքի առկայութեամբ, եթէ տեղի չունենայ քաղաքական օրակարգի փոխ-ներգործութիւն մեծամասնութեան եւ փոքրամասնութեան միջեւ։ Այս վտանգն է, զոր պէտք է դիմագրաւենք ազգովին։ Հին վարչակարգի պատերը փուլ բերելու պարտականութիւնը կը պատկանի ամբողջ ազգին եւ ազգն է, որ պէտք է ըսէ իր վճռական խօսքը։

Ժամանակն է իրականութիւնները տեսնելու եւ մատնանշելու այնպէս ինչպէս որ են։ Այսօր հասարակութեան մէջ արմատացած է այն համոզումը, որ նախագահական վարչակարգն է, որ մեծ չափերով կը շարունակէ գործել եւ պարտադրել երկրին իր հին քաղաքական մշակոյթը։ Պետական կեանքի բանալիները դեռեւս կը գտնուին օլիգարխիայի ձեռքերուն մէջ, որ անհնարին կը դարձնէ երկրէն ներս համակարգային արմատական փոփոխութիւններու կիրառումը։ Լաւագոյն պարագային, կը գտնուինք փոքր քայլերու գործընթացին մէջ, երբ պէտք են մեծ եւ հիմնարար գործողութիւններ։ Փոխուած է սահմանադրութիւնը, բայց, ըստ էութեան, համակարգը մնացած է նոյնը։ Համակարգը յաջողապէս տեղաւորուած կը թուի ըլլալ նոր սահմանադրութեան կաղապարէն ներս։ Եթէ իսկապէս այս է կացութիւնը, ան բացարձակապէս անընդունելի է որեւէ պատճառաբանութեամբ եւ որեւէ չափորոշիչով։

Այսօր, մեր ընդհանրական կացութիւնը վերամտածելու հրամայականին առջեւ կը գտնուինք։ Վերամտածել թէ՛ Հայրենիքը եւ թէ՛ Սփիւռքը ամէնէն դաժան անկեղծութեամբ։ Վերամտածել հիմնովին ազգային լինելիութեան մեր գաղափարախօսութիւնը։ Եւ ձևաւորել եզրերը այն համապարփակ ռազմավարութեան, որ կը բխի այսօրուան եւ վաղուան մեր մարտահրաւէրներէն։

Յարացոյցի հսկայ փոփոխութիւն մը ինքզինք պէտք է պարտադիր դարձնէ բոլորին հաւասարապէս որպէսզի կարողանանք դուրս բերել ազգը իր ներկայ աւազախրումէն։ Եւ որպէսզի կարողանանք նոր լուծումներով ուժականացնել մեր պետականութիւնն ու ազգային մեր իրականութիւնը վերէն մինչեւ վար։

Համապետական և համազգային շահերու իսկական բեւեռը մեր ժողովուրդն է եւ ան է մեր ուժին իսկական աղբիւրը։ Միա՛յն ան։

Յունուար 26, 2018
Ուաշինկթըն

asbarez.com

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Աստուած Ստեղծեց

$
0
0

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ

Աստուած ստեղծեց բիւր անասուններն`
Օձն ու բորենին մահացու թոյնով,
Առիւծն ու վագրը երկար ճանկերով,
Կապիկն ու արջը, չղջիկն ու բազէն:

Աստուած ստեղծեց շունն հաւատարիմ,
Կատուն մլաւող փափուկ շոյանքի,
Թութակն շատախօս, սոխակն երգի,
Կոկորդիլոսներն գիշակեր վայրի:

Ո՛վ մարդ արարած, գիտցի՛ր ու սորվէ՛
Ինչպէս մօտենալ, հեռանալ ահեղ
Անասունի պէս մարդոց տեսակէն,
Թունաւոր երկար անոնց ճանկերէն:

Լիբանան

Աշնանային Պարտէզում

$
0
0

ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ

Դու եկել ու ղօղանջում ես
Տերեւաթափ իմ աշնանային
Պարտէզում.
Սիրտս է զնգում ու զրընգում
Իմ յուշերի այն թաւշային
Երազում…
…Որ վազում եմ,
Որ քեզ բռնեմ
Հին թթենու շուաքում,
Ու աչքերիդ ցոլքի վրայ
Թափեմ պեծերս ալքրքում…

Երեկոյ է մեղմ, վարդագոյն,
Մթնշաղում դեռ ցոլում են
Լոյսի բեկուող երիզներ,
Բայց պատկերը`
Որ խուսափում
Ու փախչում ես հեւիհեւ,
Որ ուզում ես դեռ բռնեմ քեզ
Մի ոսկեգեղմ թիթեռի պէս,
Դեռ թեւում է իմ աչքերի
Երազում…

Բոյր ու համի ջերմ ու քաղցրով
Իմ շուրթերն են սեղմւում,
Տրոփում է սիրտս… սի՜րտս…
Որ եկել ու ղօղանջում ես
Տերեւաթա՜փ իմ աշնանային
Պարտէզում…

Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա

Կեանքի Գիրքը

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Կ՛ըսեն, թէ մարդուս միտքն է իր գիրքը,
Ուր ամէն օր բառ մը կ՛աւելնայ սրտատրոփ,
Կամ` յոյս մը աղօտ, սէր մը ցաւոտ,
Եւ կամ` հինցած երազ մը կասկածոտ:

Կ՛ըսեն նաեւ, թէ մարդուս սիրտն ալ գիրք մըն է,
Որ իր տարիքին չափ մեծ ու հին,
Բազմատեսակ իր էջերով
Անցեալն կը կապէ իր ներկային:

Շատեր կ՛ըսեն, թէ մարդուս հոգին է իր գիրքը,
Որ իբրեւ սաղմոս, շատ յաճախ,
Կը թղթատուի երկիւղով, եւ որուն մէջէն կը բխին,
Խունկն ու աղօթք անսահման:

Բայց… ինծի համար`

Կեանքս, բաց գիրք մըն է յստակ,
Որ, իբրեւ տարիքիս հարազատ հայելի,
Աչքերուս մէջ ամրացած տեսիլքներով,
Սրտիս` մխրճուած յոյզերով,
Եւ հոգւոյս մէջ դրոշմուած ապրումներով,
Ու մանաւանդ մտքիս հեքիաթային երազանքներով,
Ամէն օր մատներովս ուրախ եւ ազատօրէն,
Եւ յաճախ ալ արտասուքովս է,
Որ զայն կը թղթատեմ ջերմօրէն:

 

 

 

Տեսակէտ. Իշխանութիւ՞ն, Թէ՞ Ղեկավարութիւն

$
0
0

ՍՏՊ

Երիտասարդ ուժերու ներգրաւման ծանրակշիռ մտահոգութիւնը կը կարօտի լուրջ ուսումնասիրութիւններու` լաւապէս հասկնալու առկայ դժուարութիւններու տուն տուող պատճառները:

Փաստօրէն նշել մտահոգութիւնը աւելի եւս կը բարդանայ, երբ տարբեր միջավայրերու եւ ազդեցութիւններու ենթակայ կ՛ըլլայ մեր երիտասարդութիւնը:

Ուսման մակարդակի տարբերութիւնը, հաղորդակցութեան միջոցներու արագ ընթացքը, համացանցն ու անոր ընձեռած կարելիութիւնները, կարծիքներու եւ կեցուածքներու ազատութեան անհամեմատ զարգացումը, ընկերային ցանցերն ու արդի արհեստագիտութիւնը այսօր այնքան մը ազդեցութիւն ունին մարդ անհատին վրայ, որ ան ամբողջովին կը մերժէ անդամագրուիլ այս կամ այն կազմակերպութեան, ենթարկուիլ մեծամասնութեան եւ թէ փոքրամասնութեան որոշումներուն, որոնք, ըստ իրեն, անհասկնալի ու անբացատրելի են, որովհետեւ ան գերազանց կը նկատէ իր ազատ մտածողութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, այլապէս ալ կը նախընտրէ հեռու մնալ բոլոր տեսակի կազմակերպուած կառոյցներէն:

Կարելի է առարկել, անշուշտ, որ այսուհետեւ համախմբուած աշխատանք կարելի պիտի չըլլայ այլեւս իրագործել:

Ճիշդ է այս եզրակացութիւնը ու վաւերական, որովհետեւ սկսած ենք զայն զգալ ու ապրիլ բոլոր մակարդակներու վրայ:

Արդ, եթէ մօտիկ անցեալին որեւէ ձեռնարկ 2000-2005 հոգի կրնար համախմբել, այսօր հազիւ թէ 500 հոգի կարելի կ՛ըլլայ հաւաքել, լաւագոյն պարագային: Հաւաքել կ՛ըսեմ, որովհետեւ այդ թիւին մէջ երբեմն հրահանգով բերուած պատանիներ, երիտասարդներ թէ թաղերու բնակիչներ կ՛ըլլան:

Աւելի՛ն. եթէ երբեք մօտիկ անցեալին, օրուան բանախօսը մէկ ժամէ աւելի կրնար հետաքրքիր ունկնդիր պահել, այսօր 5 վայրկեան ետք արդէն ունկնդիրներու խօսակցութեան աղմուկը աւելի բարձր կը լսուի, քան` բանախօսին ձայնը:

Մենք` իբրեւ այս կամ այն միութեան, կազմակերպութեան ու կուսակցութեան պատկանող կազմակերպիչ անդամներ թէ մարմիններ, տակաւին կը հաւատանք, որ ունինք տալիք մեր ժողովուրդին, կամ մեզի համար յոյժ կարեւոր տարրին` մեր  երիտասարդութեան: Հաւատացողն ենք նաեւ, որ անոնք կարգապահ ու հաւատարիմ ժառանգորդն են անցեալի սերունդներու: Սակայն չենք անդրադառնար, որ անոնցմէ շատեր մեզ կը գերազանցեն իրենց ուսումով, արդի մտածողութեամբ եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ` ազգային գիտակցութեամբ, որ այլեւս կարելի չէ չափել անցեալի չափանիշներով, այլ` աւելի գործնական ու ազդեցիկ աշխատանքներու որդեգրումով:

Պիտի ընդունինք, որ նոր իրականութեան մէջ ղեկավարման ձեւերը փոխուած են ու անոնց հետ նաեւ` ղեկավարներու կեանքը: Այսինքն պիտի հասկնանք, որ եթէ անցեալին կուսակցութեան կամ կազմակերպութեան մը ղեկավարը կրնար 20 տարի մնալ պաշտօնին վրայ, ապա այսօր 5-8 աւելի պէտք չէ ըլլայ ատիկա, որովհետեւ նշեալ ժամանակահատուածէն (20 տարի ետք), տուեալ ղեկավարը պիտի դիտուի իբրեւ աթոռամոլ եւ նորութիւն չբերող անձ:

Արդի բոլոր հաւաքականութիւններու եւ պետութիւններու մէջ այս հոլովոյթը արդէն տեսանելի է, ու անիկա մասնաւոր անհրաժեշտութիւն մըն է` մնայուն զարգացման ու ժողովրդավարութեան առաւել ամրապնդման: Անիկա անհրաժեշտ է նաեւ արգիլելու ամէն տեսակի շահագործում, առաջին հերթին` հանգամանքի եւ նիւթական աղբիւրներու:

Պէտք է լաւ հասկնան բոլոր ղեկավարները, որ եթէ այս զարգացման ընթացքին հակառակ աշխատին ու ծրագրեն, սեփական ժողովուրդն ու մանաւանդ երիտասարդութիւնը պիտի հեռանան իրենցմէ, ու իրենք պիտի դառնան «իշխանութիւն» ու վնասակար ազդակ` իրենց կազմակերպութեան, միջավայրին, երկրին ու ազգին:

Այս մէկը պատմական փաստ է, ու կարելի է դիտարկել ու տեսնել, թէ ինչպէս` զարգացման այս սկզբունքին հետեւելով` հաւաքականութիւններ դէմ կը կանգնին բոլոր անոնց, որոնք չեն ըմբռներ արդի ժամանակներու այս իրականութիւնը, աւելի՛ն, հրամայական պահանջը:

23 յունուար 2018


Ազգութեամբ Հայերը Հայաստանի Հանրապետութեան Քաղաքացիութիւն Ձեռք Կը Բերեն Պարզեցուած Կարգով

$
0
0

Յունուարի 6-ից դիւրացուել է 18 տարին լրացած երեխաներին ՀՀ քաղաքացիութիւն տալու եւ ՀՀ անձնագիր տրամադրելու ընթացակարգը: ՀՀ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաների վարչութեան պետ Մնացական Բիչախչեանն է ներկայացնում փոփոխութիւնները: Նախկինում անձնագիր տրամադրելու համար պէտք է պարտադիր լինէր երկու ծնողների համաձայնութիւնը:

«Եթէ բացակայում է ծնողների փոխհամաձայնութիւնը, երեխան ձեռք է բերում ՀՀ քաղաքացիութիւն եւ անձնագիր, եթէ նա բնակւում է ՀՀ-ում եւ առկայ է ծնողներից մէկի համաձայնութիւնը: Այստեղ նշանակութիւն չունի, թէ ծնողներից մէկը ՀՀ քաղաքացի է, թէ օտարերկրեայ»:

Մէկ այլ փոփոխութեան համաձայն, ազգութեամբ հայը, եթէ բնակութիւն է հաստատում Հայաստանում, քաղաքացիութեան իրաւունք ունի: Եթէ մինչեւ 18 տարեկան ազգութեամբ հայ երեխայի ծնողները ՀՀ քաղաքացիներ չեն, սակայն երեխան մշտապէս բնակւում է Հայաստանում,  ծնողների համաձայնութեամբ կարող է ստանալ ՀՀ քաղաքացիութիւն:

«Եթէ 16 տարին լրացած է, 16-18 տարեկան հասակում է դիմում անձնագրաւորման, ինքն է ներկայացնում, երկու ծնողները համաձայնութիւն են տալիս: Մինչեւ 16 տարեկան  հասակում դիմումը տալիս է մէկ ծնողը, միւս ծնողի համաձայնութեամբ երեխան կարող է ստանալ քաղաքացու անձնագիր»:

Այստեղ, սակայն, հարց է մնում` ո՞վ է ազգութեամբ հայը: Ինչպէ՞ս է որոշւում նրա ազգային պատկանելութիւնը: ՀՀ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաների վարչութեան պետ Մնացական Բիչախչեանը «Ռատիոլուր»-ի հետ զրոյցում նշեց` ում ծնողները կամ նախապապերը   ազգութեամբ հայ են կամ ունենան ազգութիւնը հաստատող փաստաթուղթ: Ասում է. «Ազգութեամբ հայը այն մարդն է, ում քաղաքացիութեամբ նշուած է, որ ազգութեամբ հայ է: Կամ նրա հայրն ու մայրը հայ են: Ծննդեան վկայականը բացէք, որտեղ նշուած է, որ ազգութեամբ հայ են»:

Հայաստանի գաղթականութեան ծառայութեան ղեկավար Գագիկ Եգանեանի գնահատմամբ,` ազգութեան սահմանումը բարդ ու հետաքրքիր եզր է: Գործող օրէնսդրութեան մէջ նշւում է, որ ծագումնաբանութիւնը պէտք է նաեւ հաստատուի մկրտութեան տեղեկանքով: «Որպէս կանոն` հիմնւում են հոգեւոր առաջնորդների կողմից տրուած տեղեկանքների հիման վրայ: Բայց դա, իհարկէ, ամբողջական ցանկը չէ»:

Կառավարութիւնը հաստատել է ազգութեամբ հայ լինելու հանգամանքը հիմնաւորող փաստաթղթերի ցանկը, որտեղ առաջնային պահանջուող թուղթը Հայ առաքելական եկեղեցու առաջնորդարանից կամ հայկական այլ եկեղեցական կառոյցներից տրուած մկրտութեան մասին փաստաթուղթն է` մկրտուածի կամ նրա ծնողների ազգութեան մասին նշումով: Սակայն եթէ մկրտուած չեն ո՛չ ծնողները, ո՛չ էլ երեխաները, այս դէպքում ինչպէ՞ս պէտք է որոշուի նրանց  ազգային պատկանելութիւնը: Այս դէպքում  միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Սուրէն Սարգսեանը դժուարանում է խնդրի կարգաւորման ճանապարհ մատնանշել: Օրինակ է բերում կիրառութեան ժամանակ շատ հանդիպող դէպքերից: «Երբ մարդիկ, ենթադրենք, բնակւում են երկար տարիներ արտերկրում, օրինակ` Լիբանանում  եւ հայկական եկեղեցուց վերցնում են տեղեկանք, որպէսզի դիմեն Հայաստանի քաղաքացիութեան համար»:

Իրականում Ցեղասպանութիւնից յետոյ  շատերն են կորցրել ազգութիւնը հաւաստող հնարաւոր փաստաթղթերը, ինչն էլ դժուարութիւններ է ստեղծել: Նրանք, ովքեր փրկուել են արաբական երկրներում, փաստաթղթերի բացակայութեան պայմաններում, տրուել է տուեալ երկրի քաղաքացիութիւն, չեն կարողացել ապացուցել իրենց հայ լինելը: Ի վերջոյ ազգութեամբ հայ լինելը տեսական խնդիր է` յաւելեց միջազգային իրաւունքի մասնագէտը: Նախեւառաջ անհատը պէտք է իրեն ազգութեամբ հայ համարի: «Ծնուել, մեծացել է Միացեալ Նահանգներում, Հայաստանի հետ որեւէ առնչութիւն չի ունեցել, հայկական միջավայրում չի մեծացել, միայն ազգանունով է հայ, մի քիչ դժուար է գնահատել նա հա՞յ է, թէ՞ ոչ, որովհետեւ բացի հայկական ազգանունից` չունի հայկական ինքնութիւն: Այսինքն նաեւ սրանք անհատական մօտեցումներ են, որովհետեւ իւրաքանչիւր արտերկրում բնակուող մեր հայրենակից ինքն է որոշում իր հայ լինելը»:

Ծագումով հայ, ազգութեամբ հայ հասկացութիւնները իրաւական չեն այնքան, որքան դրա տակ կան նաեւ բարոյական եւ անձնական մօտեցումներ` յաւելեց իրաւաբանը:

 

Հազարաւոր Մարդիկ Կ՛այցելեն Թուրքիոյ Քարաման Նահանգ` Հայկական Եկեղեցւոյ Որմնանկարները Տեսնելու

$
0
0

«Էրմէնիհապէր» վկայակոչելով թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը` կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ Քարաման նահանգին մէջ գտնուող Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ առաստաղի որմնանկարները տեղացի եւ օտարերկրացի զբօսաշրջիկներու կողմէ մեծ հետաքրքրութեան կ՛արժանանան:

Քաղաքի հնագոյն Թափուճաք թաղամասին մէջ գտնուող եկեղեցին կը համարուի բիւզանդական ժամանակաշրջանէն մնացած պազիլիք եկեղեցւոյ օրինակ:

Ըստ աղբիւրին, եկեղեցւոյ կառուցման թուականին շուրջ ստոյգ տեղեկութիւն չկայ. ան կը թուագրուի 17-18-րդ դարերուն:

Եկեղեցին 2007 թուականին անցած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան պահպանութեան տակ եւ` վերականգնուած:

Նահանգի Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Ապտուլլա Քըլըչ «Անատոլու»-ին պատմած է, որ եկեղեցւոյ որմնանկարները յայտնաբերուած են միայն 2007 թուականին, երբ եկեղեցւոյ մէջ վերականգնողական աշխատանքներ կատարուած են: Մինչ այդ որմնանկարները պատուած եղած են գաճով:

«Ամէն տարի հազարաւոր մարդիկ կու գան այս որմնանկարները տեսնելու: Նման որմնանկարներ ամբողջ Քարամանի մէջ միայն այս եկեղեցւոյ մէջ կան, որ կ՛աւելցնէ եկեղեցւոյ կարեւորութիւնը», ըսած է ան:

Քըլըչ պատմած է, որ մինչեւ 2007 թուականը եկեղեցին որոշ ժամանակ օգտագործուած է որպէս բանտ: Իսկ այժմ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենան մշակութային տարբեր ձեռնարկներ:

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ձիթենիի Ճիւղե՞ր, Թէ՞…

$
0
0

Յունական հին դիցաբանութեան մէջ ձիթենիի ճիւղը թէ՛ խաղաղութեան եւ թէ՛ յաղթանակի խորհրդանիշն էր, իսկ այս վերջին նշանակութիւնը մինչեւ օրս պահպանուած է: Ներկայ դարուս Թուրքիոյ ծաւալապաշտ ու սուլթանամէտ նախագահ Էրտողանը որոշած է իր կարգին զայն իբրեւ կարգախօս գործածել` իր ղեկավարած երկրին եւ, ընդհանրապէս, շրջանին համար: Այս նշանախօսքով ան Սուրիոյ յատկապէս հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ յարձակում գործած է` Անգարայի կողմէ ահաբեկիչ նկատուող քրտական ուժերու տիրապետութեան տակ գտնուող շրջանները չէզոքացնելու համար:

Այսպէս, յունական չաստուածները այժմ փոխարինուած են Էրտողաններու նման խորամանկ տիպարներով, որոնք առիթը լաւապէս օգտագործելով` դիմեցին «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան, որ հաւանաբար շատ աւելի հարազատօրէն պիտի նկարագրուէր, եթէ կոչուէր «Փշածաղիկ» գործողութիւն:

Այդ ձիթենիի ճիւղը չէր յայտնուեր խաղաղութեան հոմանիշ ճերմակ աղաւնիի կտուցին մէջ, այլ` ռմբաձիգ օդանաւերով, հրասայլերով եւ ծանր հրետանիով:

Սակայն այս «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան ետին կանգնող մութ հաշիւները այնքան շատ են, որ նոյնիսկ ամէնէն աւելի հմուտ քաղաքագէտը կրնայ շուարիլ ու մոլորիլ:

Արդ, երկար տարիներէ ի վեր Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի դէմ բռնօրէն պայքարող Էրտողանի բանակին ներխուժումը տեղի կ՛ունենար…գերմանական արդի հրասայլերու գործածութեամբ:

Հաւանաբար քանի մը հարց-պատասխաններով շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ բացատրել այս լաբիւրինթոսային կացութիւնը Սուրիոյ նման երկրի մը մէջ, ուր օդային սահմանները բաց կը մնան զինուորական ամէն տեսակի եւ ամէն դրօշ պարզող օդանաւերու առջեւ:

Առաջին հերթին, տեղին է հարցադրել, թէ ինչո՞ւ համար եւ ի՞նչ պայմաններու տակ կատարուեցաւ թրքական այս ներխուժումը: Յստակ էր, որ այն օրը, երբ Ուաշինկթըն որոշեց վերանորոգել իր օժանդակութիւնը մեծամասնութեամբ քիւրտերէ կազմուած խմբակցութիւններուն, լայն յարձակում մը շղթայազերծելու սկզբնական պատրաստութիւնները տեսնուեցան:

Արդեօք կանաչ լոյս տրուա՞ծ էր շրջանին մէջ տիրապետող երկիրներուն կողմէ` ազատ ու համարձակ ներխուժում մը իրագործելու: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, որ վերջերս համաձայնութիւն մը կնքած էր Անգարայի հետ` կազի խողովակներ զետեղելու Սեւ ծովու արեւելեան ափին մօտ, «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութենէն օր մը առաջ, յատուկ հրամանագրով հրահանգած էր այդ շրջանին մէջ դիրքաւորուած ռուսական ուժերուն, որ ապահովական պատճառներով հեռանային:

Իսկ Սուրիոյ համար, այնքան ատեն որ այս ներխուժման թիրախը Միացեալ Նահանգներու հետ գործող քիւրտերն էին, կարելի էր աչք գոցել քաղաքացիական պատերազմի առաջին օրերէն թիւ մէկ թշնամի Անգարային, որ նախապէս Դամասկոսի դռները հասնելու կոչ կ՛ընէր, մինչդեռ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեամբ միայն իր սահմանները կը փորձէր ամրապնդել:

Այսպէս, անգամ մը եւս քիւրտերը զոհ դարձան մութ հաշիւներու, որոնց մէջ վերջին շարունակական օժանդակութիւն կատարող Միացեալ Նահանգներն ալ կորսնցուցած են Միջին Արեւելքի մէջ իրենց քաղաքական ներկայութիւնը:

Դիմաւորելով 100-ամեակը –Գ. –Հարիւրամեակին Կը Խօսի՞նք Միացումներու Մասին Եւ Կը Գործե՞նք Անոնց Իրականացման Համար

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Այսօր ո՞ւր կանգնած ենք ազգը շահագրգռող միացումներու հարցով:

Թէեւ շատ կը սիրէինք եւ կը սիրենք սրահ յուզող միացումը, մէկութիւնը, միասնութիւնը:

Հարցը չի վերաբերիր հետզհետէ կծկուող եւ գունաթափուող հաւատաւոր փոքրամասնութիւններու, որոնք կը շարունակեն յետսապահ զօրագունդի կռիւը, ինչպէս օր մը ըսաւ ղեկավարի շապիկ հագած մը:

Ազգը կը կերտուի եւ կը տեւէ հիմնական արժէքներով, ոչ միայն թիւերով կամ դրամատնային հաշիւներով: Առանց արժէքներու պատուանդանին` ազգը անցեալ է, կամ` իմաստէ դատարկուած յուշ-յիշատակ, յուշագրութիւններու անսպառ նիւթ: Յաճախ` ընտանեկան:

Ճշմարտութիւն մը կայ, զոր յաջորդական նահանջներով եւ պատշաճեցումներով կորսնցուցած ենք, աւելի մեղմ խօսելով` կը կորսնցնենք քիչ մը ամէն օր. ազգը ազգ է հայրենիքով եւ խմբուածութեամբ: Այս ըմբռնումը կարծէք այլեւս օրակարգ չէ: Քամչաթքա կամ Շանկհայ խմբուելով` ազգ կ՛ըլլա՞նք:

Նախ հայ քաղաքական միտքը ինքզինք պիտի յստակացնէ, ինչ կը վերաբերի զոյգ միացումներու. հայրենիքի եւ ժողովուրդի: Առանց միացեալ Հայաստանի գաղափարին, ազգի հայրենիքը, այսօր եւ վաղը, անկայուն է ներքնապէս եւ արտաքնապէս: Նոյնիսկ անկախութիւնը կը դառնայ պայմանականութիւն, երբ կը բացակային միացումները: Բեկբեկումներով ազգ չ՛ըլլար, ոչ ալ` հայրենիք: Առանց հողը ապրեցնող, հոն պատմութիւն ունեցող եւ այդ հողով ապրող ժողովուրդին` հայրենիքը ուսումնասիրութեան առարկայ է հայուն, ծագումով հայուն եւ օտարներուն համար: Ո՛չ ինքնուրոյնութիւն եւ ո՛չ ինքնահաստատում: Այլութիւն:

Դժուարութիւններու առջեւ կանգ առնել եւ փերեզակի հաշիւներ ընել` ոչ մէկ ձեւով ապագայակերտ են ազգին համար: Մեր ճակատագիրը հեզասահ չէ եղած: Բայց այդ պատճառ չէ հրաժարումներու, որոնք անվերադարձ ըլլալու դատապարտուած են: Ընդհակառակն, հարկ է յանձնառու վերաբերումով ձգտիլ միացումներու առջեւ ցցուող խոչընդոտներու յաղթահարման:

Հարիւր տարի առաջ էր: Առաջին անկախ հանրապետութիւնը չկրցաւ կայունանալ: Մեծերը անտեսեցին փոքր դաշնակիցը, երբեմն անվարան պէտք է ըսել` խոստմնադրուժ եղան, որովհետեւ պատերազմը աւարտած էր եւ քաղաքական-տնտեսական շահերը գերիշխող դարձած էին: Համաթրքական երազի եւ համաշխարհային յեղափոխութեան աքցանին մէջ բռնուած` անկախ Հայաստանը չքացաւ:

Մեկնելով անցեալի փորձէն` այսօր իսկական պարտականութիւն է խորհիլ, թէ ինչպէ՛ս պիտի կայունանայ Հայաստանը: Հայրենատէր ժողովուրդի, այդ հայրենատիրութեան անսեթեւեթ յանձնառութիւն ունեցողներու նպատակը պէտք է ըլլայ ստեղծել այն բոլոր պայմանները, որոնք անհրաժեշտ են կայունացման: Կրկնենք. այդ պայմանները մեր փոխարէն ուրիշներ պիտի չստեղծեն: Ազգի ղեկավարութիւնը, ոչ միայն` աթոռներու վրայ գտնուողները, հաւաքական գիտակցութեամբ պիտի գործէ ոչ միայն այսօրուան համար, այլ` գալիք դարերու:

Անկախութեան մասին լսել եւ խօսիլ`  սփիւռք(ներ)ի տխուր առօրեային գոյն եւ կեանք կու տար: Հիմա որ անկախութիւնը իրողապէս գոյութիւն ունի, ինչպէ՞ս տեսութենէն ետք գործի պիտի վերածուին` հայ մարդուն երազը, ցանկութիւնը, տասնամեակներ շարունակ կրկնուած շաբաթավերջի խանդավառութիւնը: Առաջին հերթին պիտի գիտնանք, որ պատմութիւնը սառած չէ, կանգ չէ առած, ինչպէս որ կանգ չառաւ հռոմէական, բրիտանական, ֆրանսական կամ օսմանեան կայսրութիւններով: Մարդիկ կը ստեղծեն պատմութիւնը, կը սրբագրեն պատմութիւնը, ուղղութիւն կու տան անոր: Այդ ընելու համար, առաջին հերթին, ներկայութիւն պէտք է: Իսկ ազգային ներկայութիւն ըլլալու համար պէտք է յաղթահարել եսի դիրքապաշտութիւնը եւ նիւթապաշտութիւնը, որպէսզի ստեղծուի բանաստեղծին երազած հաւաքական ուժը:

Յաճախ ցաւով կը խօսուի Հայաստանէն տեղի ունեցող արտագաղթի մասին, որ աղէտ է, ճիշդ բառով` հայրենալքում: Կան, ի հարկէ, երկրի պայմանները, սակայն կայ նաեւ ընչաքաղցութեան անհակակշռելի դարձած ապօրինութիւնը: Առանց անհաճոյ բարոյախօսութիւն ընելու, ղեկավարութիւնները, յոգնակի, պատմութեան առջեւ պատասխանատու են հայկական ընկերութեան բարոյականացման համար: Այսինքն, փոխանակ հանդուրժելու սակաւապետութեան յարաճուն հարստացումը, աշխատանքի եւ երկրի բարիքներու արդար բաշխման համակարգ պէտք է ստեղծել, որ կը սահմանափակէ աղէտ-արտագաղթը:

Եթէ այսօր անկարելի կը թուի բռնագրաւուած Հայաստանը ազատագրել, սակայն առնուազն աւելի արդար ընկերութեան մը ստեղծումը մեր հասողութեան մէջ է. եւ եթէ այդ չենք ըներ, կը նշանակէ, որ պատասխանատուներ կան, պատասխանատու ենք հաւաքաբար, քանի որ ազգը եւ հայրենիքը հաւաքական պատասխանատուութիւն են, առանց մոռնալու օրինակի արժէքը, մանաւանդ` ղեկավարին եւ ղեկավարներուն:

Կարելի՞ է ընդունելի համարել, որ ազգի խմբուած ապրելու իրաւունքը խոչընդոտուի: Այսօրուան պարագային, արտաքին ազդակներու կարելի չէ վերագրել մեր շարունակուող տարտղնումը: Խմբուած ապրելու հնարաւորութիւնը խոչընդոտուած է Հայաստանի մէջ արդար հասարակակարգի մը բացակայութեամբ, զանգուածային արտագաղթ, սփիւռք(ներ)ի պարագային` հայոց հայրենիքի մասնատման շարունակութեամբ, հայրենադարձութեան բացակայութեամբ:

Ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ ստեղծել այն գաղափարական տրամախոհութիւնը (տիալեքթիք), որ բոլոր հայերու աչքը յառած մնայ Հայաստանի վրայ` որպէս տէր եւ ծառայ, փոխանակ ըլլալու զբօսաշրջիկ կամ բարեսէր: Այդ նոյն ազգի պատկանելու անխարդախ եւ ոչ մասնատուած-մասնատուող գիտակցութիւնն է, որուն հակառակին զաւեշտական-իմաստուն բանաձեւումներն ալ լսած ենք, իմանալով, որ ոմանք կէս հայ են, քառորդ հայ են, մէկ վաթսունչորրորդ հայ են, երբեմն ալ` հարիւր տոկոսով հայ եւ հարիւր տոկոսով այլազգի, կամ` ծագումով հայ: Կարծէք` անկարող եւ անատակ դարձած ենք պարզապէս հայ ըլլալու եւ այդ մարդկային կացութիւնը ստանձնելու:

Այս հարցերուն մասին կը խօսուի փակ շրջանակներու մէջ. եթէ խօսուի: Նոյնիսկ գրել թերթերու մէջ` կը մնայ գաղտնի զրոյց, քանի որ ըսուածը եւ գրուածը չեն հասնիր իւրաքանչիւրին անոր յարկին տակ: Հոս է, որ կը դրուի զանգուածին հասնելու եւ զանգուածային վերաբերում ստեղծելու խնդիրը` յաղթահարելով բազմատեսակ կղզիացումները:

Ազգին հիմնահարցերը կախարդական ճիպոտի մը հարուածով պիտի չլուծուին: Անոնց լուծման համար անհրաժեշտ է անհատական շահերը գերանցող հաւաքական յանձնառութիւն, որ հակառակն է «ինձմէ ետք ջրհեղեղ»-ի, կամ` «ուր հաց հոն կաց»-ի ընկեցիկի հոգեբանութեան, որ ոչ միայն Շահնուրի բառերով բնորոշուող ազգային նահանջն է, այլ նահանջն  է նաեւ մարդկային որակի, երբ կը դադրինք մեր ճակատագրին եւ իրաւունքին տէր կանգնելէ: Նոր տեսակի ստրկութիւն:

Արցախի ազատագրական պայքարը համազգային գաղափարախօսութիւն չեղաւ, ինչ կը վերաբերի բաժան-բաժան ազգի եւ  բաժան-բաժան հայրենիքի միացման: Միացում եւ անկախացում, լեզուով ու մշակոյթով, առանց նաեւ այդ զոյգին, բնական կ՛ըլլայ պատմութեան բեմէն անհետացումը` առանց ջարդի կամ հայրենահանման:

Ֆրանսացի մտաւորական մը, լեզուի սպառնացող վտանգին մասին խօսելով, գործածած էր մեղմ գաղութացում բացատրութիւնը: Մեր պարագային, ինչպիսի՞ մեղմ նահանջի դէմ կանգնած ենք, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Ուրիշներ հոն չեն կանգնեցուցած մեզ: Այս ճշմարտութիւնը ինչպէ՞ս պիտի հասնի իւրաքանչիւրին` իր յարկին տակ:

Որպէսզի օր մը մեր մասին անցեալով չխօսուի:

5 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան

Խմբագրական. Ազգը Պաշտպանողը, Տարածաշրջանի Խաղաղապահը, Անվտանգութիւն Հայթայթողը (Հայոց Բանակի Տօնին Առիթով)

$
0
0

Հայոց բանակի օրուան նշումները գաղափարախօսական հիմնաւորումներով հետզհետէ դուրս կու գան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն եւ կը տարածուին հայկական աշխարհի տարբեր միջավայրերու մէջ: Հայոց բանակը պաշտպանելով այսօրուան պետական սահմանները, ըստ էութեան կը պահպանէ ամբողջ հայկական աշխարհը:

Առանց անկախ հայրենիքի եւ առանց այդ անկախութիւնը երաշխաւորող հայոց բանակի այսօր դժուար պիտի ըլլար պատկերացնել աշխարհատարած հայութեան կազմակերպուածութեան եւ հայրենակեդրոն զարգացման հետագայ հոլովոյթը:

Աշխարհը ամբողջ ականատես է այսօր պետականազուրկ ազգաբնակչութիւններուն սպառնացող ճակատագրական իրավիճակներուն: Անվերջ անկողմնացոյց շարժունակութեան մէջ եղող, սեփական երկրէ եւ պետականութենէ զուրկ ժողովուրդներ, որոնք աշխարհաքաղաքական օրակարգերու առարկայացման այս կամ այն փուլին կը վերածուին մանրադրամի, եւ որոնց նկատմամբ իրականացուած ռազմաքաղաքական գործողութիւնները կը մնան անհետեւանք նոյնիսկ ներկայ դարուն, երբ ամէն պահու, ամէն ինչ տեսանելի է ու իրազեկելի ուղիղ եթերային անմիջականութեամբ:

Եւ եթէ համոզում է, որ հայոց բանակը համայն հայութեան բանակն է եւ համայն հայութեան անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորը, ապա նաեւ անոր նկատմամբ հոգատարութիւնը, մասնակցութիւնը եւս նոյն տարողունակութեամբ ընկալելու անհրաժեշտութիւնը ինքզինք զգալի կը դարձնէ: Խօսքը կը վերաբերի երկքաղաքացիութեան օրէնքին առընթեր  օրէնքով ճշդուած բանակային ծառայութեան  պարտաւորութիւններուն, որոնց վերաբերող իրաւադրոյթները նկատի ունեցած են միջազգային համապատասխան օրէնքներն ու միջպետական համաձայնագիրներու գործնական օրինակները:

Հայոց բանակի համահայկական հաստատութիւն դառնալու այս առաջադրանքին զուգահեռ, այսօր կայացած է արդէն անոր տարածաշրջանային խաղաղութեան հիմնական երաշխիքի հանգամանք ըլլալու փաստը: Ռազմական փորձագիտութիւնը այսօր համակողմանի համոզումով կը յայտարարէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու առաքելութիւնը տարածաշրջանային նշանակութիւն ունի, Կովկասի խաղաղութիւնը պահպանելու, պատերազմական արկածախնդրութիւնները զսպելու, միաժամանակ ՀԱՊԿ-ին անդամակցելով ՕԹԱՆ-ի հետ համագործակցութիւնը բաց պահելու գերակայ ուղղութիւններով:

Աւելի՛ն. արդէն միջազգային ռազմական միաւորներու մասնագիտական եզրակացութիւններուն մէջ հայոց բանակի իրականացած առաքելութիւնները կը բնութագրուին յատուկ եզրաբանութեամբ` անվտանգութեան հայթայթիչ (security provider): Նման եզրաբանութեամբ բնութագրումը հիմնուած է տարիներէ ի վեր նախապէս Իրաքի, այժմ` Քոսովոյի, Աֆղանիստանի եւ Լիբանանի մէջ իրականացուող խաղաղապահ առաքելութիւններով: Հայկական զօրամիաւորումները պատուով կը կատարեն  պատերազմական գօտիներու մէջ միջազգային զինուորական կառոյցներու կողմէ կառավարուող առաքելութիւնը եւ աշխուժ մասնակցութեամբ զինուորական կրթութիւն ստացած հայ հրամանատարները, սպաներն ու զինուորները այս առաքելութիւններու իրականացման ընթացքին կ՛արժանանան բարձրագոյն պարգեւներու:

Ո՛չ միայն պետական-փաստացի սահմաններու ամենաբարձր կատարողականութիւններով պաշտպանողականութիւնը իրականացնելով, այլ նաեւ տարածաշրջանային խաղաղութիւնը երաշխաւորելով եւ անվտանգութեան հայթայթիչի հանգամանք ստանալով, հայոց բանակի սպայակազմի մնայուն որակաւորման եւ վերաորակաւորման համար արդէն սկսած են գործել «Ես եմ» եւ «Պատիւ ունեմ» ռազմաուսումնական մասնագիտական բաժանմունքները:

Մարտունակութեան բարձր ոգիի պահպանման, զինուժի արդիականացման եւ շփման գիծերու թէ պետական սահմաններու երկայնքին նոր գործիքակազմերու տեղադրման իրագործումներուն առընթեր հայոց հրամանատարական խումբերու թէ սպայակազմի համար նախատեսուած մասնագիտական պատրաստութեան համար  համապատասխան մարդուժի կազմաւորումը կ՛ամբողջացնէ զինեալ ուժերու համակարգի բոլոր գերակայ ուղղութիւնները:

Այս բոլոր գործառոյթները իրականացնող հայոց բանակի շարքերու համալրումի համահայկական առաջադրանքը  թէ՛ ժամկէտային, թէ՛ պայմանագրային եւ թէ՛ ուսումնակրթական ուղղութիւններով հետզհետէ պիտի նուաճէ միջավայրային նկատելի տարածականութիւն մը: Որովհետեւ հայոց բանակը համայն հայութիւնը պաշտպանող բանակն է եւ մեր ազգի գոյութեան գլխաւոր երաշխաւորը:

Viewing all 12115 articles
Browse latest View live