Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12097 articles
Browse latest View live

«Հորիզոն»-ի Մէջ Լոյս Պիտի Տեսնէ Կարօ Սասունիի «Տաճկահայ Գաղթաշարժը Եւ Անոնց Դերը Հայաստանի Հանրապետութեան Կազմութեան Մէջ» Գիրքը

$
0
0

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակին առիթով «Հորիզոն» իր յառաջիկայ թիւերուն մէջ պիտի հրատարակէ Կարօ Սասունիի «Տաճկահայ գաղթաշարժը եւ անոնց դերը Հայաստանի Հանրապետութեան կազմութեան մէջ» աշխատութիւնը, որ կը ներկայացնէ Արեւմտահայաստանի հայութեան գաղթաշարժը դէպի Արեւելահայաստան` 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ետք: Սասունիի պատմական այս արխիւագրութիւնը առաջին եւ միակ անգամ հրատարակուած է 1927-ին, Պոսթընի մէջ եւ կը վաւերագրէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան սաղմնաւորման ու կազմաւորման պատմութիւնը: Գիրքը կը սկսի Սասունիի նախաբանով: Յօդուածաշարքը կը հրատարակենք բնօրինակին հաւատարիմ մնալով:

Յառաջաբան

Հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան բնութագծի արտաբերումը բաւական բարդ գործ մըն է: Վերջին տասնեւհինգամեակի հայ հասարակական կեանքն ենթակայ եղած է արտաքին խոշոր դասաւորումներու եւ խճճուած քաղաքական բարդ մթնոլորտի մը հանգոյցներուն մէջ, ուրկէ երկունքի գալարումներով միայն կրցած է իր այսօրուան նաւահանգիստը հասնիլ:

Հայ կեանքի ամբողջական պատկերը տուած ժամանակ, հայ պատմաբանը, ինչ հոսանքի ալ պատկանի, կը գալարուի նոյն այդ բարդ ցանցին մէջ եւ աւելի կը զբաղուի շրջապատի խոշոր երեւոյթներով ու ընդհանրացումներով, քան կը կեդրոնանայ հայկական իրականութեան ՆԵՐՔԻՆ ԷՈՒԹԵԱՆ վրայ:

Ուսումնասիրող միտքը հայ բնաշխարհէն հեռու` օտար մթնոլորտի խոշոր ոստաններու մէջ` Պաքու, Թիֆլիս, Պոլիս, Եւրոպա, զարգացած է եւ իրերն ու երեւոյթները չափած ու ձեւած է անմիջական շրջապատի ընդհանուր տուեալներով: Մեր ներքին կեանքի արժէքները անճանաչելի մնացած են: Անոնց կարեւորութիւնը ժխտուած կամ ստորագնահատուած է, որով այդ արժէքները լիովին չեն զարգացած ու հետեւաբար, որպէս ընդհանուր ազգային առաքինութիւններ, չեն ներարկուած հայ հանրութեան:

Եթէ առարկուի, թէ մտաւորականութեան այդ պակասը կամ հեռաւորութիւնը կարելի է դարմանել փաստերու եւ փաստաթղթերու խղճամիտ ուսումնասիրութեամբ, ես, մեր իրականութեան ճանաչողութեամբ, ինծի իրաւունք կու տամ պնդելու, որ փաստական տուեալներու կատարեալ բացակայութիւնը կը հանդիսանայ մեծ պակասութիւն մը մեր մէջ: Մեր կեանքի իրական ներքնաշխարհը արձանագրուած չէ հայ մամուլի եւ այլ պաշտօնական դիւանաթղթերու մէջ: Արտաքին կեղեւը միայն իր արձագանգը գտած է գրաւոր արտայայտութիւններու մէջ, իսկ ներքին աստառը կը մնայ ծածկուած: Ժողովուրդը շարժած է բերանացի ու գաղտնի կարգադրութիւններով: Շարժումները չեն պատկերացուած իրենց բուն իմաստով, այլ` ընդհակառակը, շատ անգամ բոլորովին շրջուած կը ներկայանան իրերը, չգիտէք` ի՛նչ արդարացումի համար: Անկասկած խիստ արժէքաւոր եւ ուշագրաւ փաստեր կան մանաւանդ ՀՅ Դաշնակցութեան առայժմ անքննելի թուղթերուն մէջ, իսկ բազմաթիւ խոշոր դէպքեր հետք անգամ չեն թողած: Ասոնց կողքին չափազանց փոքրիկ երեւոյթներ իրենց շուրջ անհաւատալի աղմուկ հանած, ու պատմաբանին,  որ թուղթերու դէզին կառչած կը մնայ, առատ նիւթ հայթայթած են(1): Դուք կը տեսնէք, թէ ինչպէ՛ս հատորներ կը գրուին` հիմնուած միայն ձեռքի տակ գտնուած տուեալներու վրայ, որոնք կ՛առաջնորդեն այդ գրողները դիւրին եզրակացութիւններ հանելու: Ատոնք թերեւս կը ներկայացնեն շրջապատի լայն ուրուագիծը` առանց սակայն ընդգծելու էութիւնը սա հայ ժողովուրդ կոչուող լուռ ու խորհրդաւոր զանգուածին:

Հայ ուսումնասիրող քաղաքական միտքը եթէ կ’ուզէ մեր օրերու ճշմարտութիւնն առարկայականօրէն հրապարակ բերել եւ չափով մը լուսաւորել մեր ժողովուրդի վաղուան ճանապարհը, այն ատեն ան ետ պիտի երթայ, խորանայ հայ գիւղական զանգուածի մէջ ու վարէն համադրէ իրողութիւնները, թափանցէ լուռ` բայց ապրող ու գործող զանգուածի հոգիէն ներս եւ գիտականօրէն դրսեւորէ հայ հասարակական զարգացման կերպարանքը: Մնացածը հայկական շէնքի պատերու արտաքին շպարը մնալու դատապարտուած է:

***

«Տաճկահայաստանը ռուսական տիրապետութեան տակ, տաճկահայոց գաղթաշարժը ու անոնց դերը Հայաստանի Հանրապետութեան կազմութեան մէջ» գիրքը փոքրիկ աշխատասիրութիւն մըն է, որուն գլխաւոր նպատակն է ձգտիլ վեր հանել մեր ամէնէն փոթորկալի շրջանի տաճկահայ կեանքի ներքին իրական պատկերը:

Այս գրուածքը կը սահմանափակուի ռուսական գրաւման ժամանակաշրջանով եւ անոր հետեւանքով ստեղծուած նոր կացութեամբ: Կամաւորական շարժումը Կովկասի մէջ, կոտորածները Տաճկաստանի մէջ երկու խոշոր դէպքեր են եւ հաւասարապէս իրենց անդրադարձումն ունեցած են երկու հատուածներու հայութեան վրայ: Սակայն այդ երեւոյթները միայն այն չափով կը յիշատակուին, ինչ չափով անոնք կրնան նպաստել իմ առաջադրած նիւթի զարգացման:

1914-ի աշնան սկսած ռուսական արշաւանքով պզտիկ պատուհան մը կը բացուէր Տաճկահայաստանի վրայ` Բասէնով ու Ալաշկերտով: Դանդաղ ու աստիճանական լայնացումը ունեցաւ այդ պատուհանը ու կամաց կամաց հասաւ Մուշ-Սասուն, Պիթլիս, Վան-Երզնկա եւ Տրապիզոն: Տաճկահայութեան մնացորդները կ’իյնային ռուսական տիրապետութեան տակ:

Այդ ժամանակաշրջանին տեղի ունեցան յառաջխաղացումներ, ահռելի նահանջներ, կրկին վերադարձ դէպի հայրենի երկիր ու վերջապէս, ռուսական յեղափոխութիւնը եւ կովկասեան ճակատի վերջնական փլուզումը: Այդ վերիվայրումներու ընթացքին տաճկահայութիւնը միայն որպէս գաղթական եւ որբ չապրեցաւ, այլ ունեցաւ իր քաղաքական եւ ազգային կեանքն ու կազմակերպութիւնը: Տաճկահայը քաղաքական եւ ազգային արժէք մը կը ներկայացնէր, երբ վերահաստատուած էր Տաճկահայաստանի մէջ եւ երբեք այն պատկերը չունէր, ինչ որ կը ներկայացնէին Կովկասի զանազան կողմերն ապաստանած թափառական գաղթականները: Ուշագրաւ կողմը այդ ժողովրդի ինքնակազմակերպումը եւ ինքնակառավարումն էր: Այդ կողմէն դիտելով մեր կեանքը` շատ սփոփիչ գտած եմ:

Սակայն ռուսական պետութիւնը կազմալուծուեցաւ 1917-ին, անոր բանակները հեռացան Հայաստանէն եւ Կովկասէն: Թրքական բանակները արշաւեցին Տաճկահայաստան եւ գերազանց ուժերով ստիպեցին վերահաստատուած ժողովուրդը զանգուածային գաղթաշարժի` դէպի Արարատեան Հայաստանը եւ Կովկասի զանազան կողմերը: Հայ հասարակական եւ քաղաքական կեանքի կարեւորագոյն էջերէն մէկը կը կազմէ այդ ժամանակաշրջանի պատմութիւնը, որ շաղկապուած է այսօրուան մեր նորակազմ կեանքին հետ: Առանց մանրամասն դրուագներու վրայ ծանրանալու` աշխատած եմ ընդհանուր պատկերը տալ այդ ժամանակուան Տաճկահայաստանի ժողովրդին եւ արժէքաւորած դէպքերն ու աշխատանքները հայկական ազատագրութեան տեսակէտէն:

Անհրաժեշտ կը նկատեմ հոս շեշտել որ շատ համառօտակի անցած եմ Էրզրումի, Վանի եւ Տրապիզոնի շրջանի աշխատանքներու վրայէն եւ միայն ընդհանուր բնութագիծը տուած եմ: Մինչդեռ Բասէնի, Ալաշկերտի եւ ամբողջ Տարօնի շրջանի վրայ աւելի հանգամանօրէն ծանրացած եմ:

Այդպէս վարուելուս առաջին պատճառը այն է, որ պատերազմի ժամանակ յիշեալ վայրերու մէջ գործած չեմ, եւ բացի անձնական տուեալներէն` կը պակսին գրաւոր տուեալներն ալ: Իսկ Տարօնի եւ անոր յարակից շրջաններու մէջ գործած եմ անընդհատ եւ երկար տարիներու իմ փորձով եւ ուսումնասիրութեամբ, յանգած եմ իմ եզրակացութիւններուն:

Երկրորդ հիմնական պատճառն այն է որ աշխատութեանս գլխաւոր առանցքը դարձուցած եմ Տարօնը, առանձին ուշադրութեամբ հետեւած եմ տեղի ունեցած գաղթաշարժերուն, մեծ կարեւորութիւն մը տուած եմ տարօնցիներու Արարատեան դաշտի եւ Լեռնահայաստանի մէջ կատարած դերին եւ քաղաքական-ազգային իմաստին: Տաճկահայաստանը դատարկուած է քիւրտերէն եւ թուրքերէն: Կովկասեան Հայաստանն ալ ազատուած է թաթարական հոծ բազմութիւններէն: Ահա այն ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ, որ տեղի ունեցած է մեր պահանջած միացեալ հայրենիքին մէջ: Այս հիմնական նիւթը պարզաբանելու համար աշխատած եմ ընդհանուր պատկերը տալ գրաւուած ամբողջ Տաճկահայաստանին` որպէս լրացուցիչ մասը հիմնական նիւթին: Վանի եւ Էրզրումի շրջաններու այդ ժամանակուան հասարակական կեանքի մանրամասն պատմութիւնն առանձին աշխատանքի կը կարօտի, ինչ որ այս գրքի սահմաններէն դուրս է:

***

Ինչո՞ւ մասնաւոր ուշադրութիւն դարձուցած եմ Տարօնին եւ այդ ամբողջ շրջապատի մէջ աչքս յառած եմ ժողովրդի շարժման վրայ: Արդեօք հայրենակցական զգացո՞ւմը զիս ստիպած է առանձին կարեւորութիւն մը ընծայելու անոր, թէ՞ պատմութեան համար նիւթ մը հայթայթելու գաղափարը մղիչ ուժ հանդիսացած է: Ո՛չ մէկը եւ ո՛չ միւսը: Այլ այն համահայկական քաղաքական ոգին որ յաճախ յայտնաբերած է այդ ժողովուրդը, եւ որը նորէն կենդանացած տեսայ վերապրող զանգուածին մէջ: Աւելի ուշադրութեամբ հետեւեցայ անոր շարժումներուն ու աշխատեցայ վեր հանել ու ընդհանրացնել այդ ոգին` որպէս անցեալի ստեղծագործող ուժ մը եւ ապագային` առաջնորդող առաքինութիւն մը:

Եթէ ազգի մը կամ ժողովրդի մը ոգին, զանազան ժամանակաշրջաններուն, կը մարմնանայ այդ ժողովուրդը բաղկացնող այս կամ այն հատուածին ու երկրամասին մէջ, կա՛մ կ’արտայայտուի այսինչ դասակարգի կամ կուսակցութեան միջոցով. հապա ուրեմն, կարելի է վստահօրէն ըսել, որ հայկական քաղաքական վերածնունդի ոգիի կրողը եղած են Տարօնն ու Ղարաբաղը ե՛ւ որպէս գիւղացիութիւն ե՛ւ որպէս կուսակցութիւն: Այդ ոգիի թռիչքները սահմանափակուած չեն իրենց միջավայրով, այլ ներարկուած են հայ ժողովրդի լայն զանգուածներուն շօշափելի գործերու մէջ:

Տարօնի այդ ոգին կու գայ հին դարերէն,  Մամիկոնեան տունէն: Մամիկոնեան տունը պատահական երեւոյթ մը չէ Հայոց աշխարհի պատմութեան մէջ: Պատմութեան ուշադիր վերլուծող մը Տարօնի եւ Մամիկոնեան նախարարութեան արտաքին պատմութեան տակ դիւրութեամբ պիտի գտնէ հայոց զինուորական կուսակցութիւնը, որ կը մարմնացնէր ազգային անկախ պետութեան գաղափարը: Չորրորդ դարէն մինչեւ իններորդ դարը, հինգ հարիւր երկար տարիներու մեր պատմութեան առանցքը կազմած են Մամիկոնեան եւ հակամամիկոնեան կուսակցութիւններու ներքին եւ արտաքին պայքարները: Այդ ժամանակաշրջանին եւ ատկէ յետոյ, երբեմն երկար, երբեմն ընդհատաբար, անկախութեան ու քաղաքական վերածնունդի պայքարի ոգին, Մամիկոնեաններու միջոցով, եկած, հասած է մինչեւ մեր օրերը: Անոնք մեր ազատագրութեան մշտական դրօշակիրներն եղած են:

Բնաւ պատահական երեւոյթ չէ, որ Տարօնն եղաւ հայոց ժամանակակից յեղափոխական շարժման կեդրոնը: Խղճամիտ ուսումնասիրութիւն մը պիտի կրնայ ապացուցել, որ արտաքին դրդումները եւ 19-րդ դարու մտաւոր զարթնումը չէին միայն, որ հայկական շարժումը փաթաթեցին այդ ժողովրդի վզին, որ գործնականօրէն գլխաւոր կրողը եղաւ երկրի յեղափոխական շարժման: Այլ հին ազատագրական անթեղուած ոգին էր, որ կը մարմնանար ու յարութիւն կ’առնէր Մամիկոնեան տան բեկորներուն մէջ եւ հոն կը քաշէր կենսունակ ուժերը, ապրումներու եւ յոյսերու շղթայ մը կապելով այդ լեռնաշխարհին հետ:

Տարօնի անցած քառասուն տարուան փոթորկալի կեանքը հայ լրագրութեան եւ ազգային մարմիններու արխիւներուն մէջ մեծ մասամբ ողբ ու կոծի պատկեր մը կը պարզէ, կամ խոշոր պայթումներու եւ մեծաշռինդ կռիւներու աղմկալի արձագանգը կու տայ: Կարեւոր երեւոյթներն իրենց հիմնական դրդիչ պատճառներով արձանագրուած չեն: Ուրախալի է սակայն որ այդ հսկայ ժողովուրդի ժամանակակից մեծագործութիւններն իրենց ամբողջական, յեղափոխական հարազատ դէմքով մոխիրներու տակէն եւ վերապրող ժողովրդի հոգու ծալքերէն դուրս եկան ու կենդանի պատկերացումն ունեցան մեր պատմութեան էջերուն մէջ: Այդ մեծ գործը վիճակուած էր Ռ. Տէր Մինասեանին, որ Ռ. ստորագրութեամբ «Հայրենիք» ամսագրի մէջ «Յեղափոխականի մը յիշատակները»(2) վերնագրով այնքան ճշգրտօրէն Տարօնի յեղափոխական պատմութիւնը տուաւ: Տարօնի յեղափոխական պատմութիւնը տալ իր ամբողջութեան մէջ` կը նշանակէ ոչ միայն ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնական պատմութիւնը, այլ հայ ժողովրդի ազատագրական պատմութեան միջուկը ներկայացնել:

Հարուած ստացած Տարօնը կոտորակուած էր, բայց անոր բեկորները կորովի ամփոփում մը ունեցան եւ հայ ազատագրական վերջին բեմին վրայ հրապարակ եկան իրենց ուժի տուրքը տալու: Անոնք իրենց խոշոր մասնակցութիւնը բերին դարերու հայ իտէալի, Հայաստանի անկախ հանրապետութեան ստեղծման դժնդակ գործին մէջ: Եթէ գրասենեակներու մէջ փակուած ուսումնասիրողը իր պրպտած թուղթերուն մէջ միայն որբերու, նահանջի, կարօտեալ գաղթականներուն օգնելու կոչերուն պիտի հանդիպի եւ միայն պատսպարան մը խնդրող բազմութիւն մը պիտի գտնէ իր դիմաց ու եզրակացնէ` խեղճե՜ր, ես պիտի թելադրեմ ընթերցողին, որ քայլ առ քայլ հետեւի այդ ժողովրդի ներքին կեանքին, ուշադիր խորհրդածութեան առարկայ դարձնէ անոր քայլերն ու գործերը` տեսնելու համար, թէ որքա՜ն քաղաքական ու յեղափոխական արժէք կայ անոր այդ կարճ ժամանակաշրջանի ազատագրական ոգորումներուն մէջ:

Մամիկոնեան մարտական ոգին ներկայ տարօնցիներուն մէջ յարութիւն առած էր, որ կու գար իր անջնջելի կնիքը դնելու նորակազմ Հայաստանի Հանրապետութեան կառուցման գործին վրայ եւ պատճառ դառնալու անոր ազգագրական կերպարանքի հիմնական փոփոխութեան:

Այսօր ալ ամբողջ տաճկահայ բեկորներէն տարօնցին է, որ կը մնայ որպէս գիւղական հաւաքական կազմ ունեցող ամբողջութիւն մը, որ ունի իր շէնութիւնները, որ կ’ապրի ու կը շնչէ հպարտօրէն` առնական աշխատութեան մը փայլուն ապացոյցները տալով: Անիկա կենսունակ ու ներշնչող զարկերակն է հայ ժողովրդին եւ այսօրուան Հայաստանի հաւաքականութեան մէջ` ազատագրութեան ջիղը:

Եթէ այս փոքրիկ աշխատութիւնս կարողանայ հետաքրքրութիւն ստեղծել ընթերցողներու մէջ` աւելի մօտէն ճանչնալու հայ ժողովուրդն ընդհանրապէս եւ տարօնցիները` մասնաւորապէս, ու մղէ զանոնք աւելի լայն ուսումնասիրութիւններով լիակատար գաղափար մը կազմելու այդ ժողովրդի ուշագրաւ անցեալին մասին, համոզուած եմ, որ ատիկա պիտի նպաստէ մեր ապագայ ոգորումներու ընթացքին` հաւաքական կամքի եւ յեղափոխական վճռականութեան յայտնաբերման, եւ որով` գրուածքը իր նպատակին ծառայած կ’ըլլայ:

Կ. ՍԱՍՈՒՆԻ

———————-

1.- Բազմաթիւ օրինակներէն մէկը նմուշի համար կ’ուզեմ հոս յիշատակել: Սասնոյ Փսանաց գաւառը դեռ ութսունական թուականներուն կ’ապստամբի աւատապետին դէմ եւ կը մերժէ ճանչնալ անոր հողային եւ այլ իրաւունքները: Քառասուն օրուան արիւնալի, յեղափոխական կռիւներէ յետոյ Պերմի շրջակայ բոլոր գիւղերը կ’ազատին ճորտական իրենց վիճակէն: Դասակարգային այս պայքարը երկուստեք բազմաթիւ կեանքեր կը հնձէ: Քառասուն տարի անցնելէ յետոյ, այս դէպքը հիմա միայն կ’արձանագրուի մեր մամուլին մէջ,մինչդեռ այդ ժամանակաշրջանի հայ աղջկան մը առեւանգումը ամբողջ աշխարհը կը զբաղեցնէ: գրաւոր տուեալներէն դատելով, պատմաբանը բնականօրէն կ’եզրակացնէ, որ հայ ժամանակակից պատմութիւնը առեւանգումներու պատմութիւն մըն է միայն:

2.- Տե՛ս «Հայրենիք» ամսագիր, 1292 Ա. տարիէն մինչեւ 1927, Ե. տարի (տակաւին կը շարունակուի):


Որպէսզի Չարը Չուրախանայ

$
0
0

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Այս շաբթուան մէջ կը լրանայ թերթիս հիմնադիր Հրանդ Տինքի մահուան 11րդ տարելիցը: Անշուշտ որ խիստ անբաւարար է «մահուան» եզրը, քանի որ կը խօսինք 1,5 միլիոն+1-րդ նահատակի մասին: Ինչպէս կը տեսնենք, Հրանդ Տինք իր նահատակութեամբ յաղթեց մահուան: Այս հաստատումին վառ ապացոյցն է 11-րդ տարելիցին առիթով ցուցաբերուած աշխարհասփիւռ ուշադրութիւնը: Արդարեւ, ոչ միայն Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ, այլ շատ աւելի ընդարձակ տարածքի մը վրայ կը յիշուի իր ժողովուրդին արդարութեան պահանջին մէջ մարտիրոսացած հերոսի մը յիշատակը: Սակայն այսօր կ՛արժէ ուշադրութիւնը սեւեռել դէպի այն մթնոլորտը, որուն զոհը գացած է Հրանդ Տինք: Աշխարհասփիւռ հայութիւնը արդար կերպով այդ թունաւոր մթնոլորտը պիտի կապէ Թուրքիոյ աւանդական չարագործութեան: Սակայն խնդիրը միայն այս պարզութեան մէջ դիտելը խիստ անբաւարար է: Պէտք է յիշեն, որ այդ թունաւոր մթնոլորտին մէջ իրենց բաժինը ունէին մեծ թիւով հայեր, որոնք ընդմիշտ պատրաստ էին Հրանդ Տինքը յօշոտելու` անոր գաղափարներուն մէջ զիրենք անհանգստացնող բազմաթիւ գործօններու պատճառով: Նախ եւ առաջ` Հրանդ Տինք սպառնալիք մըն էր հասարակութեան այն խաւին համար, որ համակերպած էր իր ապրած երկրի բոլոր անարդարութիւններուն, նոյնիսկ կը կիսէր այդ անարդարութիւնները:

Հրանդ Տինքի ելոյթները մտավախութիւն էին անոնց համար, քանի որ կրնային խանգարել իրենց կարծեցեալ անդորրը: «Հիմա ի՞նչ պէտք կայ այս հին հաշիւները բանալու», կը հարցնէին անոնք: Տարիներու դառն փորձառութեամբ սորված էին, որ պետութեան դէմ գլուխ ցցելը խիստ փորձանքաբեր երեւոյթ մըն է, հետեւաբար պէտք է խուսափիլ եւ շարունակել` սեփական ճղճիմ աշխարհին անսասանութիւնը պահելով: Սակայն Հրանդ կեանքի պատրաստուած էր շատ աւելի յանդուգն խառնուածքով մը եւ բնաւ նպատակ չունէր այս անբարոյ ապահովութեան ապաւինելու:

Անցեալին Հրանդ Տինքը յօշոտողները այսօր իրենց յարձակումներուն թիրախ դարձուցած են նոյնքան քաջարի ուրիշ անուն մը: Անոնք հիմա ալ կը սոսկան, որ Կարօ Փայլանի պատճառով դարձեալ կրնայ խանգարուիլ իրենց անդորրը կամ շուկայի մէջ իրենց ճղճիմ շահերը: Անցեալին Հրանդը հալածողները այսօր նոյն թափով, նոյն վճռակամութեամբ լծուած են Կարօ Փայլանը հալածելու գործին: Եթէ յանկարծ իրենց թունաւոր խօսքերուն պատճառով մեր պատմագրութեան մէջ նշուած նահատակներուն թիւը եւս աւելնայ գումարած մէկով, կարծես թէ անոնք պիտի արդարանան իրենց թունաւոր միտքերուն մէջ: «Յայտնի է, որ այսպէս պիտի ըլլայ: Ի՞նչ կը կարծէր այդ տխմարը: Իրե՞ն մնացեր էր երկիրը ազատել», պիտի հարցնեն մեզի այնքան ծանօթ ամբարտաւանութեամբ: Կեանքի հիմնական նպատակը ոմանց համար միայն ու միայն իր մորթը ապահով պահելով սահմանուած է: Բայց ո՞վ կրնայ ըսել, որ այս սահմանումը կը բաւարարէ բոլորը: Ժամանակները հերոսներ կը ծնին, բայց միշտ չէ, որ այդ հերոսները տեսնուին ճղճիմներու կողմէ:

Հրանդ Տինքի մահուան տարելիցը մեզ կը զգուշացնէ նաեւ զգօն ըլլալու համար: Անցեալին բնաւ քիչ չէին այն հայերը, որոնք մեծ ափսոսանք ու զղջում յայտնեցին այդ չար դէպքին պատահելէն ետք: Իրենք զիրենք մեղադրեցին օրըստօրէ արթուն չգտնուելով եւ Հրանդը արիւնարբու վոհմակի դիմաց առանձին թողնելու պատճառով: Նոյն ափսոսանքը կրկնելը շատ սուղ պիտի ազդէ բոլորիս: Ուրեմն արթուն գտնուինք, պատշաճ կերպով կասեցնենք Կարօ Փայլանին ուղղուած ամէն տեսակի ցեխարձակում: Անմիջապէս այս օրերուն Թուրքիոյ իշխանամէտ մամուլի օրկաններէն մէկուն մէջ ներկայացաւ այդ ցեխարձակման պատկերը: Իբր թէ ոմանք յաջողած էին կասեցնել ՀՏՓականներու` պատրիարքարանի դէմ սադրանքը: Այս լուրը իր պատրաստութեան կանոնով, շարադրութեան ոճով եւ ցեխարձակման եղանակով բաւականին ծանօթ էր: Ծանօթ էր երկու առումով: Մենք այս ոճը գիտենք նախ Պաղ պատերազմի ժամանակներուն ապատեղեկատուութեան օրինակներով եւ ապա ուղղակի այս երկրին մէջ մամուլին որդեգրած դերակատարութիւններով: Պարտաւոր ենք դիմել բոլոր միջոցներուն, որպէսզի կասեցնենք այս դաւադրութեան գործընթացը եւ չարտօնենք, որ նոյն չար միտքը անգամ մը եւս ուրախանայ:

pakrates@yahoo.com

17 յունուար 2018
«ԱԿՕՍ»

Հօրս Ձայնը Եւ «Մամփրէ Արքան» Բաբգէն Փափազեանի Յիշատակին

$
0
0

ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ

Քսանութ տարիներ անցած են այն օրէն, երբ հօրս ձայնը յանկարծ անսպասելիօրէն դադրեցաւ հնչելէ: Մնաց ձայնին յիշատակը` հեռուներէն հասնող, լեռնէ լեռ զարնուող բամբ արձագանգը, որ օրօրած է մանկութիւնս ու պատանեկութիւնս: Կ’ենթադրեմ` նոյնն է պարագան բոլո՛ր մնացողներուն: Այլ եզր անցած սիրելիներու ձայնը կը յամենայ անոնց յիշողութեան գանկին մէջ, ու եթէ ճիգ մը թափեն  յիշելու սիրելին, հին օրերուն ձայնով կը խօսի իրենց: Բախտաւորութիւնը ունիմ դիւրութեամբ հասնելու ձայնին, քանի որ հայրս կը սիրէր խօսիլ, վիճաբանիլ, բարձրաձայն խնդալ, բայց մանաւա՛նդ` կարդալ: Կիրակի կէսօրները, երբ ընտանիքը կը հաւաքուէր ճաշասեղանին շուրջ, հայրս կը սկսէր: Գէորգ Էմին, Համօ Սահեան, Վարդգէս Պետրոսեան, Հրանդ Մաթէոսեան մասնակից կը դառնային մեր ճաշին: Մենք` մեծով, պզտիկով, «բերանէն կախուած», մտիկ կ’ընէինք:

Չէինք գիտեր այն ատեն, որ հայրս կը թրծէր մեզ գրականութեան եւ հայրենասիրութեան կրակով: Ինքն ալ չէր գիտեր: Կը կարդար բարձրաձայն, քանի որ պահանջը կը զգար մեզ բաժնեկից դարձնելու իր սիրած տողերուն ու գործերուն: Այդ գործերէն մէկը` Մուշեղ Գալշոյեանի «Մամփրէ արքան», ամէնէն աւելի կը մնայ յիշողութեանս մէջ, ոչ թէ որովհետեւ հայրս իրեն իւրայատուկ եռանդով, առանց յոգնելու, առաջին տողէն մինչեւ վերջին գիրը կը կարդար կեանք ու հոգի դնելով բառերուն մէջ, այլ մանաւա՛նդ, որովհետեւ կը հաւատա՛ր Մամփրէ արքային իւրաքանչիւր ըսածին, կ’ապրէր ու կը նոյնանար անոր հետ:

Այսօր, քսանութ տարիներ ետք կը վերակարդամ «Մամփրէ արքան». ան կը ներկայանայ ինծի հօրս ձայնին կշռոյթով, խորութեամբ, բարկացոտ ելեւէջներով կամ յուզականութեամբ եւ կրկին կը խռովէ զիս իր բազմաշերտ  նիւթով, որ կը մնայ այժմէական ու պիտի  մնայ այնքա՛ն ատեն, որ հայը կա՛յ:

Եթէ փորձեմ ամփոփել «Մամփրէ արքան» գործին նիւթը, շա՛տ բան  պիտի կորսուի գործի ներքին հրայրքէն: Այսպէս, եթէ ըսեմ, որ ծերունի Մամփրէ արքան Ցեղասպանութենէն ետք Արեւմտահայաստանէն հասած է Արեւելեան Հայաստան ու խորհրդային կարգերու օրերուն կը փորձէ հայերէն տառերը սորվիլ իր թոռնուհիին օգնութեամբ, որպէսզի կարենայ նամակ մը գրել «թալանչի Օսմանին», գրեթէ ոչի՛նչ պիտի կարենամ փոխանցել: Բայց եթէ փորձեմ հօրս ակնոցով կարդալ ու փնտռել զինք յուզած տողերն ու հարցերը, թերեւս կարենամ յաջողիլ «բռնել» թելը,  հենքը:

Ա՜յբ, բե՜ն, գի՜մ,
Ե՛լ Յովակիմ,
Դա՜, ե՜չ, զա՜,
Լծիր եզան:

Այբուբենով կը սկսի ամէն բան: Մշեցի փոքրիկ Մամփրէն առաջին հանդիպումը կ՛ունենայ Մաշտոցի գիրերուն հետ, երբ իր ուսուցիչը` տէր Յարութիւնը, կարմիր թելով կ՛ասեղնագործէ իւրաքանչիւր գիր ու կը բացատրէ, թէ գիրերը կարմիր են, քանի որ մասնակցած են կռիւներու, քանի որ արեգակը արդար է: Բայց ամէն օր մէկ տառ սորվելու ուրախութիւնը կը հարուածուի, երբ տէր Յարութիւն կը յայտարարէ, որ պատերազմ է, դպրոցը պէտք է փակուի, եւ ծնողները երթան բանակ:

Նո՜ւ, շա՜, ո՜,
Պրծի, Շաւօ,
Չա՜, պէ՜, ջէ՜,
Ուշ է, Վաչէ:

Կը դադրի դասախաղը: Կարդացողին ձայնը կը դողդղայ, երբ կը փոխանցէ գիւղին սարսափազդու լռութիւնը: Յետոյ կը յաջորդէ զայրոյթը: Թուրք Օսմանը կը յայտնուի Մամփրէի գիւղին մէջ ու կը համարձակի փոխել Առիւծ Մհերի անունով կոչուած Մեհրէ աղբիւրը Աթաբունարի. ոչ միայն կը փոխէ, այլ կը պնդէ, որ աղբիւրը մի՛շտ եղած է Աթաբունար: Ո՛չ միայն կը պնդէ, այլ թիկունքէն յարձակելով փոքրիկ Մամփրէին վրայ` քարով կը զարնէ գլխուն ու կը փախչի: Ծերունի Մամփրէին ծոծրակը մինչեւ այսօր կը ցաւի: Այդ ցաւը Ցեղասպանութիւնը ապրած կամ անոր հետեւանքները կրող նոր սերունդներուն խորհրդանշական ցաւն է անշուշտ: Իսկ Մամփրէն կը ձեռնարկէ նոյնքան խորհրդանշական արարքի մը. ի՛նք, որ կորսնցուցած է ծնողք, ազգական, ուսուցիչ ու բարեկամ, ինք, որ կորսնցուցած է այբուբենը եւ ինկած է Օսմանին հարուածին տակ, կ՛որոշէ ի՛ր ձեւով պայքարիլ անիրաւութեան դէմ: Կ՛որոշէ սորվի՛լ այբուբենը: Հետաքրքրական եւ յուսադրող բանը հոս այն է, որ փոքրիկ թոռնուհի՛ն է, որ խիստ եւ անզիջող ուսուցչուհիի դերը վերցուցած` մեծ հօր կը սորվեցնէ Մաշտոցին գիրերը: Արդեօք հայրս ի՞նչ կը մտածէր, երբ կը կարդար այդ տողերը: Մէկ կողմէն Խորհրդային Հայաստանի մէջ ընձիւղումով նոր սերունդին մասին կը մտածէր անշուշտ, իսկ միւս կողմէ` սփիւռքի մէջ հասակ նետող պատանիներուն: Եթէ այսօր հոս ըլլար, ի՞նչ պիտի ըսէր արեւմտահայերէնը կորուստէ փրկելու ճիգերուն մասին,  հայկական կամ օտար վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներուն հայերէն սորվեցնելու աշխատանքին մասին: Ընթերցումի ընթացքին ան ապագայ սերունդներուն մասի՛ն ալ կը մտածէր ու կը կարդար անո՛նց սիրոյն: կը յուսար, որ անոնք պիտի հասկնային եւ ստանձնէին իրենց յատկացուած դերը: Եթէ ձայնը հասնի մեզի եւ անոր միջոցով հետեւինք Մուշեղ Գալշոյեանին ստեղծած կերպար Մամփրէ արքային մտածումներուն, այդ հիմնակա՛ն դերին մասին պիտի լսենք հետեւեալը.

«Սուրբ Մաշտոցը հայոց առաջին դպրանոցները բացեց հայոց երկրի սահմանաեզրերում: Շրջում էր հայոց սահմաններով, վարժապետներ կրթում, դպրոցներ բացում… եւ այդ դպրոցները բերդեր էին սահմանաեզրերում: Բերդեր եւ զօրանոցներ: Քանզի տառերը, Մաշտոցի գրերը զինուորներ են: Գեղեցկադէմ, մաքուր եւ զուլալ եւ արի զինուորներ: Զինուորներ: Ոչ թէ ասկեարներ, այլ` զինուորներ»:

Իսկ եթէ մեր առօրեայի ընթացքին, տուներուն մէջ թէ փողոցը, դպրոցներու թէ բակերու մէջ գործածենք մեր լեզուն, սորվեցնենք զայն եւ անով ստեղծե՛նք, այն ատեն լաւ հոգ տարած կ՛ըլլանք մեր զինուորներուն: Հոյակա՛պ կը գտնեմ այս գիր ու բանակ, լեզու եւ երկիր, լեզու եւ հայրենիք անքակտելի կապին ակնարկութիւնը պատումի մը ընդմէջէն: Առանց լեզուի հող չկայ: Լեզո՛ւն է հողը: Իսկ լեզուին տէրը, հողին տէրը մե՛նք ենք. Մամփրէ արքա՛ն է: «Իսկ թագաւորը, թագաւորը Մամփրէն է. Մամփրէն է արքան, այսինքն` նա, ով այդ զինուորներն ունի իր հրամանի տակ եւ նրանց կռիւ է տանում` յանուն հայրենիքի, յանուն արդարութեան, յանուն ճշմարտութեան, յանուն գեղեցիկի»:

Հոս էական հարց մը կը դրուի: Երբ թաղեցիներէն մէկը կը յիշէ ժողովրդային խօսք մը, ըստ որուն, «Ուսումն եփած հաց է` մարդու թեւի տակ դրած», այսինքն` շահոյթի աղբիւր, Մամփրէն չափազանց կը զայրանայ եւ կ՛ըսէ. «Ամէն հացակեր հայոց գրերի գլխին հարկ չէ, որ արքայ դառնայ»: Քիչ մը անդին նորէն կը բարկանայ. այս անգամ` կամաց-կամաց, հատիկ-հատիկ կարդալով խորհրդահայ թերթը, ուր նշուած է, որ իրեն դրացի Ծաղիկը մանկութենէն փափաքած է… կթուորուհի դառնալ, մինչ Մամփրէն գիտէ՛, որ Ծաղիկը երբեմն կ՛երազէր ուսուցչուհի դառնալ, երբեմն` բժշկուհի, երբեմն` պարուհի: Հայրս Մամփրէ արքային ընդվզումը արտայայտելու ատեն ի՛նքն ալ իր խորշանքը կ՛արտայայտէր ամէն սուտի ու կեղծիքի դէմ: Մաշտոց գիրերը ստեղծած է ճշմարտութեան  մօտենալու համար:

Բայց երբեմն, ինչպէս խորհրդային օրերուն, գիրերը պարտուած են: Այս «պարտութիւն» բառը ինչե՜ր կը քողարկէ ու կը բացայայտէ միաժամանակ: Դաժան բռնատիրութեան օրերուն Գալշոյեան որքա՜ն քաջ եղած է փոխաբերական ձեւերով յայտնաբերելով տիրապետող խայտառակութիւնը, որ սկսած էր դասական ուղղագրութեան կամայական ջնջումով ու հասած` հողային կեղեքումին եւ պարզ քաղաքացիի մը մարդկային տարրական իրաւունքներու ոտնակոխման: Տեղ մը Մամփրէ արքան կը յիշէ, թէ ինչպէ՛ս կոլտնտեսութեան նախագահը մշեցի Խաչոյին սարալանջի հողը խլած էր:  Իսկ ինք ժողովներուն ոտքի ելած էր եւ` անվախօրէն  խօսած. «Մի օրուայ կեանք էլ ունենաս, այդ մէկ օրն էլ հարկ է, որ կռուես արդարութեան համար, ճշմարտութեան ու գեղեցիկի համար…». ըստ Մամփրէին, երբ անարդարութիւնը, ագահութիւնը, սուտն ու կեղծիքը միահեծան կը տիրեն երկրի մը վրայ, կը նշանակէ, որ «զինուորները»` գիրերը բարոյալքուած են. անոնք կոչուած են ասպետ ըլլալու, բայց հիմա «կը դառնան գող, աւազակ, թալանչի, մատնիչ, նենգ, դաւաճան, վախկոտ, սուտասան, ստոր, ստրկամիտ, ծախու, անուղղելի դասալիք…». Հոս, հօրս ձայնը կը դառնար վախազդու. այս բոլոր ահաւոր ածականները կը յղուէին իր ժողովուրդին պատկանող, հայու արիւնն ու անունը կրող մարդոց: Կը դղրդար ձայնը` կարծես Հայաստանի սահմաններէն դուրս շպրտելու համար բոլոր կորուսեալները:

Հապա ի՞նչ պիտի ըսէր այսօր, եթէ տեսնէր, որ հայրենիքին մէջ կը  տիրեն նոյնանման ածականներու տէր իշխանաւորներ ու մարդիկ: Ի՞նչ պիտի մտածէր աղաւաղուած լեզուին ի լուր, առիւծներու ու վագրերու տէր, կոշտ ու կոպիտ սակաւապետներուն ի տես: Գիտե՛մ, վստա՛հ եմ` պիտի շարունակէր կարդալ ու մատուցել «Մամփրէ արքան», որուն հաւատամքը ի՛րն էր նաեւ:

Մամփրէ արքան յարատեւ աշխատանքով վերջապէս կը սորվի գրել: Եւ երբ կը սորվի, կ՛որոշէ նամակ գրել թալանչի Օսմանին: Այդ նամա՜կը պէտք է մտնէ  սփիւռքի ու Հայաստանի մէջ ապրող ամէ՛ն հայու տուն, հասնի մեր պետութեան այրերուն ականջը, մտնէ  մշակոյթի գործիչներու սրտերէն ներս եւ հանգչի Մեսրոպ Մաշտոցի ճի՛շդ ճակատին: «Օսմա՛ն, թալանչի՛ Օսման, ուրեմն որպէս աւազակ, որ ճամբին կանգնեցիր, էդ ճամբէն քոնն է, հա՞:  Քու թալանչի ձեռքն, որ դրան դիպաւ, էդ տունն քոնն է, հա՞:  Քու գիշատիչ աչքն, որ սարը տեսաւ, էդ սարը քոնն է, հա՞… Աթաբունար հարամանուն աղբիւր չկայ: Չկայ ու չկայ:  Աղբիւրի անունը Մեհրէ էր ու Մեհրէ կը մնայ` Մեհրէաղբիւր:  Պատմութիւն կայ, արարիչ կայ ու հնուց եկած զրոյց. Առիւծ Մհերն էդտեղ, հէնց էդ աղբիւրի բխած տեղն է հանդիպել առիւծին  ու ճղել զառիւծն ու, կամօք արարչի, տեղն ու տեղն աղբիւր է բխել:  Եւ արարիչն ինքն է կնքել` Մեհրէաղբիւր:… Օսմա՛ն, թալանչի՛ Օսման, ես էլ մեռնեմ, դուն էլ մեռնես, աղբիւրի անունը Մեհրէ էր ու Մեհրէ էլ կը մնայ:

Մամփրէ արքայ»

Հայրս կը լռէր շնչահատ, յուզուած: Մենք արցունքոտ աչքերով կը նայէինք հեռաւոր տարածութեան մը, ուրկէ առիւծասի՛րտ, բարոյապէս մաքրամաքո՛ւր զինուորներու բանակ մը կու գար դէպի մեզի, դէպի սփիւռք ու Հայաստան: Գիտէինք, որ հայրս իր ընթերցումին ընդմէջէն բոլորս կը ղրկէր դէպի լեզու եւ հող, լեզու եւ զօրաւո՛ր բանակ, լեզու եւ արդարամիտ պետութիւն, լեզու եւ ազգային արժանապատուութի՛ւն: Դէպի ակո՛ւնք: Երկինքէն երեք խնձոր ինկած էր մեր գիրկը. մէկը հայ գրականութեան գանձերէն` Մուշեղ Գալշոյեանին, միւսը` իր կերտած հայու լա՛ւ տեսակին, Մամփրէ արքային. իսկ երրորդը` մատուցողին:

 

 

Ծպտեալ Հայերը Դուրս Են Գալիս Ստուերների Տակից

$
0
0

ՔԵԹՐԻՆ ԵՍԱՅԵԱՆ

Վերջերս դէպի Թուրքիայի` մի ժամանակ հայերին պատկանած արեւելեան շրջաններ կատարած ճանապարհորդութեան ընթացքում այցելեցինք Տիարպեքիր, որը շրջանի ամենամեծ քաղաքներից մէկն է` մօտ 1 միլիոն բնակչութեամբ:

Պատմութիւնը ցոյց է տալիս, որ հայերն ապրել են այստեղ մօտ 4000 տարի առաջ, ընդհուպ` մինչեւ 1915 թ.: Տիարպեքիրի հին անուանումը Տիգրանակերտ է եղել` Տիգրանի քաղաք, ի պատիւ բոլոր ժամանակների հայ մեծագոյն թագաւորի, ով իր մայրաքաղաքը կառուցել է այս տարածքում (Ն.Ք. առաջին դար):

Ինձ համար նորութիւն էր այն, որ Տիարպեքիրի կեդրոնում կայ շատ հին միջնաբերդ, որը կառուցուել է մօտ 500 թ.: Ուղեկցորդը մեզ ասաց, որ քաղաքի միջով անցնող ամրոցի երկարութիւնը մօտ 7 քմ է: Դրանք ամենամեծ ու ամենաերկար պաշտպանական պատերն են, որոնք զիջում էին միայն չինական Մեծ պատին: Այն կառուցուել է Կոստանդին Երկրորդ կայսեր կողմից:

Ես ապշեցի, երբ տեսայ այսպէս լաւ պահպանուած կառոյց, որը մինչեւ հիմա էլ կանգուն է մնացել քաղաքի կեդրոնում: Պատերը կառուցուած էին սեւ քարերով եւ ունէին 10 մեթր բարձրութիւն: Այն ունէր 12 աշտարակ` ի պատիւ Յիսուսի 12 աշակերտների: Մեր այցելած գրեթէ բոլոր քաղաքներում տեսանք հին բերդեր, բայց նրանցից եւ ոչ մէկն այսպէս լաւ պահպանուած չէր:

Քաղաքում այժմ կար նաեւ մի գեղեցիկ յուշարձան, որը տեղադրուել է 2013 թ.` ի յիշատակ սպաննուած կամ աքսորուած հայերի ու ասորիների: Սեւ մարմարից կերտուած յուշարձանն ունէր 6 ոտնաչափ բարձրութիւն` այրուող գրքի տեսքով: Մի էջում լացող աչք էր պատկերուած: Դա իմաստալից յուշարձան էր: Ըստ իս, այրուող գիրքը խորհրդանշում է մեր պատմութիւնը, որն այրւում էր ու անհետանում, իսկ լացող աչքը` մեր տանջանքները:

Յուշարձանի դիմաց ու նրա տարբեր անկիւններում գտնուող նկարները տեսնելուց ու հիանալուց յետոյ մեքենան մեզ տարաւ մի հին շուկայի մօտ, ու մենք իջանք այնտեղ: Այնուհետեւ մենք քայլեցինք դէպի մօտ 600 թ? կառուցուած հին հռոմէական եկեղեցի: Թուրքիայում մզկիթի վերածուած բազմաթիւ եկեղեցիներ կան, եւ այդ եկեղեցին  դրանցից մէկն էր: Այն սպիտակ քարերով կառուցուած բազմաթիւ սիւներով ու իր բիւզանդական ճարտարապետութեամբ ապշեցնող բակ ունէր:

Մենք հեռացանք եկեղեցուց եւ պտտուեցինք շուկայի վաճառակէտերով: Չորացրած մրգերի տեսարանն արժանի է յիշատակման: Չորացրած պղպեղը շատ տարածուած է թուրքական խոհանոցում, եւ դրանք վաճառւում էին խանութների դիմաց թելաձեւ կախուած վիճակում: Մանրավաճառները վաճառում էին յատուկ հիւթ եւ զարմացնում գնորդներին` մետաղեայ բաժակների ծնգոցներով: Փախլաւայի խանութներն իրենց ապրանքը ցուցադրում էին հսկայական սկուտեղների վրայ: Վառ գոյներն ու գեղեցիկ ձեւաւորումները գոյների  խճանկար էին ստեղծում մեր աչքի առջեւ:

Ընթրեցինք շուկայի կեդրոնում գտնուող ճաշարաններից մէկում: Եղանակը մեղմ էր, բայց ջրի շիթերը շոգը տանելի էին դարձնում: Սովորական աթոռների փոխարէն` ճաշարաններից առաջարկում էր «թախտեր» կամ «տիւաններէ» աւանդական մերձաւորարեւելեան փայտէ մահճակալներ, որոնք ծածկուած էին գորգերով եւ ունէին թիկնելու համար նախատեսուած բարձեր:

Ցեղասպանութեան Յուշարձանը

Նախատեսուած յաջորդ այցն ամենակարեւորն էր: Յաջորդը Տիարպեքիրում գտնուող Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին էր, որը վերակառուցուել էր 2012 թ., 2.5 միլիոն տոլարով: Այնուամենայնիւ, եկեղեցին վնասուել է անցած տարի տեղի ունեցած թուրք-քրտական բախումների պատճառով: Ըստ որոշ պատմաբանների, եկեղեցին ամենամեծն է Թուրքիայում եւ Մերձաւոր Արեւելքում:

Մեր շրջագայութեան կազմակերպիչը շատ ջանաց, որ մենք մօտենանք եկեղեցուն, սակայն չյաջողեց, քանի որ եկեղեցին ամբողջովին փակ էր, եւ դա ոչ միայն շրջակայ տարածքի` ոստիկաններով շրջափակուած լինելու, այլեւ եկեղեցու` թուրք-քրտական բախումների պատճառով ցաւալիօրէն վնասուած լինելու պատճառով: Դրա փոխարէն` հայկական համայնքի ղեկավարը մեզ համար հանդիպում կազմակերպեց Տիարպեքիրում բնակուող սակաւաթիւ հայերի հետ:

Ընթիրքից յետոյ մենք կանգառեցինք մեր օթոպիւսն ու գնացինք դէպի շրջանի ակումբ` հանդիպման: Մօտ 20 հոգի եկել էին հանդիպան: Նստեցինք հաստաբուն ծառերի ստուերում տեղադրուած երկար սեղանի շուրջ: Ակումբի միւս կողմում կարելի էր տեսնել ընտանիքներ, որոնք զուարճանում էին լողաւազանում եւ մի փոքր հանգստանում տապից:

Մենք պատրաստակամ էինք հանդիպել Տիարպեքիրի հայերին, այնպէս, ինչպէս նրանք էին պատրաստակամ մեզ տեսնել: Այնտեղ կային նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ փրկուածների ժառանգներ: Նրանցից շատերն ձուլուել էին երկու-երեք սերունդների ընթացքում:

Նրանցից միայն մի քանիսն էին կարողանում խօսել հայերէն, բայց մենք հասկանում էինք միմեանց` մի փոքր անգլերէն ու հայերէն խառնելով խօսքին: Շատ քչերն էին պահպանել իրենց հայկական ինքնութիւնն ու լեզուն: Բոլորը յուզւում էին, երբ քննարկում էինք նրանց հայկական ժառանգութեան կրող լինելու թեման: Նրանք մեր հայրենակիցներն էին, ում պատմաբանները անուանում են «ծպտեալ կամ իսլամացուած հայեր»: Երբ ես խօսեցի նրանցից մի քանիսի հետ, նրանք բազմաթիւ պատմութիւններ պատմեցին:

Ես հանդիպեցի Ուտի Երուանդի հետ: Նա երաժիշտ է եւ ուտ է նուագում: Երուանդը կատարեալ հայերէն էր խօսում եւ ասաց ինձ, որ յաճախ է ճանապարհորդում Թուրքիայից դուրս ու համերգներ տալիս:

Երկրորդ ծպտեալ հայը, ում հանդիպեցի, Արմէն Տեմիրճեանն էր: Արմէնը որեւէ գաղափար չի ունեցել իր հայ լինելու մասին մինչեւ 25 տարեկան: Սակայն հօր մահից յետոյ գիւղի աւագները պատմել են նրան ճշմարտութիւնը: Տեմիրճեանի հայրը փրկուել էր 4 տարեկան հասակում, երբ մի քիւրտ որդեգրել էր նրան: Արմէնը վերցրել է իր պապի ազգանունն ու փոխել իր անունը` Ապտուլ Ռահիմ Զօրարսլանից դառնալով Արմէն Տեմիրճեան:

50 տարեկանում Տեմիրճեանը շատ ոգեւորուած էր իր ժառանգութիւնն յայտնաբերելու ու այն ընդունելու համար: Նա բաւականաչափ հայերէն գիտէր զրուցելու համար: Նրա կինն ու 6 երեխաները դեռեւս շարունակում են հաւատարիմ մնալ քրտական ինքնութեանը:

Այնուհետեւ ինձ բախտ վիճակուեց խօսել Ֆաթիմայի (սա նրան իսկական անունը չէ) եւ նրա որդու հետ: Նա կառավարութեան աշխատակից էր եւ չցանկացաւ վտանգի ենթարկել պաշտօնը` իր իրական անունը տալով: Ֆաթիման հայերէն չէր կարողանում խօսել,  բայց նրա 16 տարեկան որդին հիանալի առոգանութեամբ անգլերէն էր խօսում: Նա ասաց, որ անգլերէն խօսել սովորել է համակարգչային խաղեր խաղալու միջոցով: Նա իմ ճանապարհորդութեան ընթացքում հանդիպած երկրորդ պատանին էր, ով անգլերէն սովորել էր համակարգչային խաղեր խաղալու շնորհիւ:

Ֆաթիման ասաց, որ իր ծնողները ծպտեալ հայերի երկրորդ սերնդից են եղել, բայց հայերէն չէին խօսում: Այնուամենայնիւ, ծնողների հայկական ոգին նրան էլ էր փոխանցուել: Ֆաթիման Տիարպեքիրի հոգեւոր երգչախմբի անդամ էր: Նա մեզ համար  շատ գեղեցիկ հայկական երգ երգեց, որը սովորել էր երգչախմբում:

Իմ փոքրիկ ուսունասիրութիւնը ցոյց տուեց, որ հայերի թիւը Տիարպեքիրում յստակ չէ, այնուամենայնիւ, հազարաւոր հայեր` ծպտուած կամ բացայայտ, հնարաւոր է` ապրում են Տիարպեքիրում ու շրջակայ գիւղերում:

Չունկուշ Գիւղի Եկեղեցին

Հետաքրքիրն այն էր, որ հետապնդումից խուսափելու համար իսլամ ընդունած պապերի սերունդները, ովքեր մեծացել են որպէս մուսուլման, բացայայտում են իրենց ու դուրս գալիս ստուերների տակից:

Հանդիպումից յետոյ մենք գնացինք դէպի Չունկուշ գիւղ, որտեղ մինչեւ 1915 թ. ապրում էր մօտ 10.000 հայ: Մենք կանգնեցինք գիւղից մի քանի քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող կիրճի մօտ: Մեր ուղեկցորդն ասաց, որ սա մի տեղ է եղել, որտեղ գիւղի հայերին հաւաքել են ու նետել կատաղի գետի յորձանուտը: Մաթէոս Կարանեանն իր «պատմական Հայաստանը 100 տարի անց» գրքում ներկայացնում է կոտորածի այդ սարսափելի տեսարանը:

Ոչ աւել, քան 10 տարեկան երիտասարդ մի հայ աղջիկ կանգնած է եղել մահուան շեմին: Նա այն խմբից էր, որին տանում էին դէպի կիրճ` կոտորելու. այն օրերից մէկն էր, որը Չունկուշի իր հարեւաններն ընտրել էին «արտաքսման» համար: Այդ աղջիկը գեղեցիկ էր եւ գրաւել է սպաննելու համար հայերին հաւաքած թուրք զինուորներից մէկի ուշադրութիւնը: Նրա կեանքը խնայել են, ու նա 10 տարեկանում դարձել է այդ զինուորի հարսնացուն: 5 տարի անց` 1920 թ., նրանց միութիւնից մի երեխայ է ծնւում` Ասեա անունով:  Նրան մեծացրել էր Չունկուշում Ցեղասպանութիւնից փրկուած մայրը: Ասեան կարողացել է ապրել իր ամուսնու տանը` որպէս գիւղի ծպտեալ հայերից մէկը:

Կարանեանը հանդիպել է Ասեային 2014 թ.` դէպի Արեւմտեան Հայաստան կատարած ուխտագնացութեան ժամանակ: Այդ ժամանակ Ասեան 95 տարեկան է եղել ու Չունկուշի փրկուած վերջին ծպտեալ հայն էր: Նա շատերից մէկն էր, որ տանջւում էր լուռ` երբեք չփորձելով բացայայտել անցեալը: Բայց հիմա ամէն բան փոխուել է:

Կարանեանն ասում է, որ երբ նա հարցրել է Ասեային, թէ ինչպէ՛ս է նա զգում իրեն, երբ հանդիպում է սփիւռքից եկած հայերի, Ասեան պատասխանել է. «Ես լերան չափ ուրախանում եմ»: Սա շատ բան է արտայայտում:

Մենք Չունկուշ ժամանեցինք մայրամուտին` մի փոքր ժամանակ թողնելով մինչ մթնելը, հայկական եկեղեցու աւերակները տեսնելու համար: Չունկուշի պատմական  կարեւորութիւնից բացի` ցանկանում էինք տեսնել այս գիւղը նաեւ այն պատճառով, որ մեր շրջագայութեան մասնակիցներից մէկի` Լիզայի տատն այդ գիւղում էր ծնուել:

Այդ գիշեր մենք մնացինք Էլեազըղում, որը գտնւում էր մէկ այլ հին հայկական քաղաքի` Խարբերդի հարեւանութեամբ, որն Ուրարտուի թագաւորութեան մաս է եղել: Խարբերդ բառացի նշանակում է` «քարէ ամրոց» եւ գտնւում է ժամանակակից Էլեազըղից 5 Քմ հեռաւորութեան վրայ:

Խարբերդի ամրոցում վերակառուցման աշխատանքներ էին ընթանում: Մենք այն կարողացանք տեսնել միայն դրսի կողմից:

Ամենասպասուած այցը Վանայ լճի Աղթամար կղզի այցն էր, ուր գնացինք յաջորդ օրը: Այս մասին առաւել մանրամասն` իմ յաջորդ յօդուածում:

http://asbarez.com/166153/hidden-armenians-coming-out-of-the-shadows/

Անգլերէնից թարգմանեց
ԱՆԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԸ

«Ակունք»

«Ոսկին Ոսկի Է, Պղինձն Էլ` Պղինձ. Ոսկին Չի Կարող Պղինձ Դառնալ, Պղինձն Էլ` Ոսկի»

$
0
0
Թուրքիայի Հայերի Ներկայիս Վիճակն Է Ներկայացնում Տիգրանակերտում Բնակուող Սասունահայը

ԿԱՐՕՏ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«Խաղաղութեան գործընթաց» անուամբ յայտնի ժամանակաշրջանում Թուրքիայում բազմաթիւ բարենորոգումներ եղան ժողովրդավարացման ոլորտում: ԵՄ-ը Թուրքիան իր չափանիշներին համապատասխանեցնելու համար փաթեթներ ներկայացնելով` բազում բարեփոխումներ իրականացրեց յատկապէս մարդու իրաւունքների բնագաւառում (ձեւացրեցին, թէ անում են այդ բարեփոխումները): Շատ երկար տարիներ ձգուած դադարից յետոյ Թուրքիայի սահմաններում ապրող բազմաթիւ ցեղային ու կրօնական խմբեր, հանգիստ կերպով ինքնաարտայայտուելով, ի վիճակի դարձան ազատօրէն իրենց կրօնական արարողութիւններն անել (իրականում թուրքական իշխանութիւնները գիտակցաբար աչք փակեցին դրանց վրայ): Առաջին անգամ Թուրքիայի խորհրդարանում 3 հայ պատգամաւորներ ընտրուեցին, որոնցից մէկն իշխանական ղեկին գտնուող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնից է, միւսը` գլխաւոր ընդդիմադիր եղող Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնից, իսկ վերջինն էլ` քրտերի կուսակցութիւնը համարուող Ժողովուրդների ժողովրդավարական կուսակցութիւնից:

Տարբեր կուսակցութիւնների ընտրացուցակներով ոչ-մահմետական պատգամաւորներ ընտրուեցին: Պոլսից հայ պատգամաւոր ընտրուեց (ԱԲԿ-ից Մարգար Եսայեանը), Մարտինից` ասորի (ԺԺԿ-ից Էրոլ Դորան), Հաթայից` քրիստոնեայ (ԺՀԿ-ից Սելին Սէյեք Պէօքեն), Զմիւռնիայից` հայ (ԺՀԿ-ից Սելինա Տողանը), Պոլսից եւս հայ պատգամաւոր (ԺԺԿ-ից Կարօ Փայլանը) ընտրուեց: Մի հայ էլ (Էթիէն Մահչուփեանը) Թուրքիայի վարչապետի խորհրդական նշանակուեց:

Այս առումով` հայերի համար եւս նշանակալի քայլեր ձեռնարկուեցին: Թոյլ տուեցին հայկական համայնքին ենթակայ անշարժ ու շարժական գոյքը եւ եկեղեցիները վերականգնել. նոյնիսկ որոշ հայկական եկեղեցիներ վերանորոգուեցին: Թոյլատրուեց, որ Վանի Աղթամար կղզում գտնուող Սուրբ Խաչ եկեղեցին վերականգնելով` որպէս թանգարան բացուի, եւ այնտեղ տարեկան մէկ անգամ կրօնական արարողութիւն արուի: Տիգրանակերտում գտնուող` Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ եկեղեցին` Սուրբ Կիրակոսը, վերանորոգուեց` եկեղեցու խորհրդի, սփիւռքահայերի, Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի եւ, մասամբ էլ, Տիգրանակերտի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ: Ոչ պաշտօնապէս թոյլ տրուեց, որ այստեղ տարեկան մէկ անգամ պատարագ մատուցուի: Որոշ բարենորոգումներ էին սկսուել նաեւ Պոլսի հայկական դպրոցներում: Որոշ շրջաններում հայոց լեզուի դասընթաց էր մեկնարկել: Մի քանի նահանգներում հայկական միութիւններ էին հիմնուել:

Սակայն 2015թ. ընտրութիւնների նախօրէին սլաքները հակառակ կողմ ուղղուեցին: ԱԲԿ կուսակցութիւնը ծայրայեղ, ազգայնամոլական արտայայտութիւններով եւ զանազան խարդախութիւններով, մի կերպ շահեց ընտրութիւնները: ԱԲԿ-ն, Ազգայնական շարժում ազգայնամոլ կուսակցութեան հետ միաբանուելով, Սահմանադրութիւնը փոխելով եւ մի բեմագրութեան  միջոցով յեղաշրջում կազմակերպելով` Թուրքիայում արտակարգ դրութիւն սահմանեց: Ղեկավարման այդ ընկալումը կիրառուել էր նաեւ 1915թ. Մեծ եղեռնի ժամանակ: Անցած հարիւրամեակի ընթացքում ամենաազգայնամոլ եւ ամենաբարբարոս կառավարութիւնը հէնց այս կառավարութիւն է եղել: Տիգրանակերտում, Ճիզրէում, Շըռնաքում եւ Իւքսեքովայում մարդկանց անխղճաբար սպանելով` նրանց ողջակիզեցին նկուղներում: Բազմաթիւ զինուորներ ու ոստիկաններ, հայերի վերաբերեալ չափազանց ցեղապաշտական արտայայտութիւններ անելով, սկսեցին իրենց դէմ դուրս եկող ամէն մի անձի ահաբեկել եւ ճնշման տակ պահել:

Այս գործընթացում Տիգրանակերտի Սուր շրջանում գտնուող Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին մեծ վնասներ կրեց: Դարձեալ Սուրում գտնուող Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցին եւ այսօր որպէս մզկիթ օգտագործուող եւ Քուրշունլու անունը կրող Սուրբ Թէոդորոս հայկական եկեղեցին եւս աւերուեցին:  Ներկայում Սուր շրջանում գտնուող այդ թաղամասեր մուտքն ու ելքն արգելուած են: Այնինչ, ասորիներին պատկանող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցում հնարաւոր է կրօնական արարողութիւններ անել, իսկ հայկական ոչ մի եկեղեցում պատարագ չի մատուցւում: Աւելի՛ն. արգելւում է այդ եկեղեցիներ գնալ: Մեզ մօտ բոլոր հին հայկական տները եւ այլ շինութիւններ քանդուած վիճակում են: Այդ աւերումները շարունակւում են: Տիգրանակերտում գտնուող բազմաթիւ պատմական յուշարձաններ հանրայնացուել են եւ զաւթուել պետութեան կողմից: Սուրբ Կիրակոս եկեղեցու պետականացման փորձի պատճառով անգամ դատարան ենք դիմել: Տեղի հայկական վագըֆը եւ միութիւններն առանձնապէս ուշադրութեան չարժանանալու պատճառով կրաւորական վիճակում են մնացել:

Միւս կողմից` Թուրքիայի պետութիւնը թոյլ չի տալիս, որ հայերն իրենց ազատ կամքով պատրիարք ընտրեն: Անուղղակի կերպով ճնշումներ են բանեցւում, որպէսզի Պոլսում ապրող հայերի ազատ կամքով ընտրուած պատրիարքի տեղապահ Գարեգին Պեքճեանը պատրիարք չդառնայ: Եւ թոյլ չի տրւում պատրիարքի ընտրութիւններ անցկացնել: Պետութիւնը ջանքեր է թափում սրբազան Արամ Աթեշեանին պատրիարք դարձնելու ուղղութեամբ, որին օգտագործում է որպէս խամաճիկ: Այդ պատճառով Արամ Աթեշեանը հրաժարական չի տալիս: Թոյլ չի տրւում պատրիարքի ընտրութիւնների համար ճանապարհ բացել:

Ամփոփելով` նշեմ, որ այսօրուայ Թուրքիայի պետութիւնը ձգտում է իր պէս չմտածող իւրաքանչիւր անձի դէմ ճնշումներ եւ բռնութիւն գործադրելով եւ նրան ահաբեկելով` ոչնչացնել: Հետեւաբար, մենք` այստեղ ապրող հայերս, եւս մեծապէս տուժում ենք դրանից: Բազմաթիւ հայ գործարարներ ստիպուած եղան արտերկիր հեռանալ: Թուրքիայում մնացած միւս հայերը վախից ձայն չեն հանում: Անգամ հարկադրուած են լինում թաքցնել իրենց հայ լինելը: Այսինքն կրիայի պէս մի փոքր աղմուկի դէպքում անմիջապէս մեր պատեանի մէջ ենք քաշւում…

Թարգմանեց`
ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆ

«Ակունք»

Նշմար. Սուլթանի Մը Ուրուականը` Աթաթուրքակէզ Էրտողան

$
0
0

ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Չարաչար պարտուած ըլլալով Սուրիոյ դէմ իր շղթայազերծած` սուրիական նոր տարածքներ զաւթելու եւ Ալեքսանտրեթի զաւթումը մոռցնել տալու նոր-օսմանեան պատերազմին մէջ եւ` Սուրիոյ եւ Իրաքի դէմ վարձկան ամէն գոյնի օտար ահաբեկիչները հովանաւորելու իր միջազգային ոճրագործութեան մէջ Էրտողան կը փորձէ, յամառօրէն ու պինդգլխութեամբ, իրականացնել իր նոր-օսմանականութեան քմշանկարը, եւ մի առ մի կ՛այցելէ Օսմանեան կայսրութեան նախկին գաղութները` յուսալով հողը պատրաստել, կամ, աւելի ճիշդը, Թուրքիոյ բնակչութեան կլլեցնել, որ մօտալուտ է օսմանեան պետութեան վերականգնումը` Աթաթուրքի հիմնած փոքր, անդամահատուած հանրապետութեան յաջորդելու համար:

Էրտողանի այցելած վերջին երկիրները եղան` Եւրոպայի մէջ Յունաստանը, իսկ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ` Սուտանը, Չատը եւ Թունուզը:

Եթէ նախկին գաղութներու ապազգային եւ հակաժողովրդական իշխանութիւնները, գրպանի կամ աթոռի որոշ շահերով, կրնան «անյիշաչար»-ութիւն կեղծել, այդ երկիրներու ժողովուրդներուն եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն պատմական յիշողութեան մէջ, սակայն, դեռեւս վառ կը մնան օսմանեան բռնատիրական լուծին չարիքներն ու վնասները: Այսպէս, երբ Էրտողան 2017 թ. Դեկտեմբեր 23-ին Խարթում պիտի այցելէր, Սուտանի մեծագոյն ընդդիմադիր կուսակցութեան` «Ալ-Ումմա»-ի փոխնախագահը` Մարիամ Սատեք Մեհտի Էրտողանէն պահանջեց նախ ներողութիւն խնդրել Սուտանի ժողովուրդէն` օսմանեան լուծին պատճառած չարիքներուն եւ վնասներուն համար: Նախորդ օրը, արդէն` դեկտեմբեր 22-ին, Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պըն Զէյիտ Թուրքիան ամբաստանած էր Մոհամետ մարգարէին ձեռագիրներուն ու մասունքներուն գողութեամբ` Մետինէ սուրբ քաղաքէն, ձեռամբ` Մետինէի օսմանեան պահակագունդի հրամանատար Օման Ֆախրէտտին Թիւրփաքան փաշայի… երբ այս փաշան 9 յունուար 1919 թուին կը հեռանար Սէուտական Արաբիայէն, 1918 թ. հոկտեմբեր 30-ի Մուտրոսի զինադադարի որոշումին համաձայն: Էրտողան հրահանգեց իրեն հլու լրագրողներուն եւ պատմաբաններուն` հակադարձել Պըն Զէյիտի այս ծանրակշիռ ամբաստանութեան: Քանի մը տասնեակ գրիչներ գործադրեցին Էրտողանին հրահանգը: Եւ բոլորը, բացի մէկէն, հիմնուած էին այն սուտին վրայ, զոր սորված էին իրենց աշակերտական գրասեղաններուն վրայ, թէ` Ֆախրէտտին փաշան այդ ձեռագիրներն ու մասունքները ոչ թէ գողցած էր, այլ զանոնք փրկած` բրիտանացի զինուորներու բռնագրաւումէն… (Այս նոյն տրամաբանութեամբ, ուրեմն, երիտթուրքերը հայասպանութիւն գործեցին եւ Արեւմտահայաստանը զաւթեցին Արեւմտահայութիւնը փրկելու համար ռուսական բռնագրաւումէն…): Էրտողան գոհացած էր այս հակադարձութենէն, քանի որ չէր անդրադարձած, որ Մետինէի շուրջ պատերազմը տեղի կ՛ունենար` երբ օսմանեան բանակը Մետինէի մէջ շրջապատուած էր ոչ թէ բրիտանական զօրքին, այլ Շերիֆ Հիւսէյնի յեղափոխականներուն կողմէ… (Ի դէպ, էմիր Շերիֆ Հիւսէյն դատապարտեց, 1916 թուի իր շրջաբերականով, երիտթուրքերու ոճիրները հայոց դէմ, եւ բոլոր միւս էմիրներուն թելադրեց հոգատար ըլլալ եւ տէր` «Յակոբեան Հայ» գաղթականներուն): Էրտողան չէր անդրադարձած նաեւ, որ երբ «Հիւրրիէթ»-ի մէջ Ահմեթ Հաքան կը գրէ հետեւեալ շունչով գրութիւն մը. «Էմիրութիւններուն կողմէ ցուցաբերուած այս կեցուածքը արաբներու կողմէ թուրքերը կռնակէն դաշունահարելու արարք մըն է…», կանխաւ խափանած կ՛ըլլայ օսմանեան արաբական գաղութներուն վերադառնալու ամէն ուղի… Ահմեթ Հաքան դպրոցէն սորված է, որ  արաբները Ա. Աշխարհամարտին գործակցած են Բրիտանիոյ հետ եւ Թուրքիան դաշունահարած` կռնակէն: Ան նոյն դպրոցէն սորված է նաեւ, որ հայերն ալ գործակցած են Ռուսիոյ հետ եւ կռնակէն դաշունահարած են Թուրքիան, դաւաճանած են Թուրքիոյ: Թուրք ուսանողները չեն սորված, որ հայերն ու արաբները տառապած են օսմանեան բռնատիրական լուծէն, ինչ որ բնական պիտի ըլլար, որ անոնք գործակցէին օսմանեան պետութեան դէմ պատերազմող պետութիւններուն հետ: Եւ` երբ այսպիսի թշնամութեան քարոզչութիւնը կ՛ընեն, իրենք վերարծարծած կ՛ըլլան թշնամութիւնը արաբ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ եւ անկարելի դարձուցած կ՛ըլլան նոր-օսմանականութեան ծրագիրին գործադրութիւնը… Եւ արդէն, հակառակ Էրտողանի թափած տոնքիշոթեան ճիգերուն, այսօր մեծապէս լարուած են Թուրքիոյ յարաբերութիւնները` Սուրիոյ, Իրաքի, Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ, Էմիրութիւններուն, Լիպիոյ եւ նոյնիսկ Թունուզի հետ:

Թուրք հեղինակաւոր պատմաբան Շիւքրի Հանի-Օղլուն, նոյն «Հիւրրիէթ»-ին մէջ գրեց. «Շատ մեծ քաղաքական սխալ մը կը գործեն անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ Միջին Արեւելքի արաբները մոռցած են օսմանեան պետութեան բռնատիրութիւնը իրենց դէմ, նոյնիսկ` դար մը վերջ»: Արդեօք Հանի-Օղլուն կրնա՞յ հաւատալ, որ մենք, արդէն դար մը վերջ, մոռնալու վրայ ենք Արեւմտահայաստանը… բանիւ եւ գործով… գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ, մեղա՜յ… մեղա՜յ Արարատին:

Շիւքրի Հանի-Օղլուի մատնանշած ճշմարտութիւնը հաստատուեցաւ, երբ Էրտողան` Իսլամական երկիրներու համագործակցութեան միութեան նախագահի հանգամանքով, եւ` օգտագործելով Երուսաղէմը սիոնականութեան տարատնկեալ պետութեան նուիրելու Թրամփի խոստումը, անոր դէմ, Պոլսոյ մէջ, հրաւիրեց արաբ-իսլամ երկիրներու գագաթաժողովի մը` բարձրացնել կարծելով իր ժողովրդականութիւնը այդ երկիրներուն մէջ` յաչս Թրամփի, Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ: Հրաւիրուած 53 երկիրներէն միայն 17-ին պետերը ներկայ եղան. միւս 36-ին պետերը չհաւատացին Էրտողանի անկեղծութեան եւ բացակայեցան ժողովէն, քանի որ Թուրքիա իսլամ երկիրներէն միակն է, որ պորտակապով կապուած է սիոնական տարատնկուած պետութեան, եւ Էրտողան ոչ մէկ գործնական քայլ առաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի նկատմամբ` խզելով իր դիւանագիտական կապերը անոնց հետ, կամ` սպառնալով վերջ դնել Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու ռազմախարիսխներուն եւ Մալաթիոյ մէջ գործող իսրայէլեան ռատարին…

Բայց Տոն Քիշոթը (Էրտողան) կը շարունակէ իր նոր-օսմանականութիւնը իրականացնելու ծրագիրը` արհամարհելով ռուս-իրանեան ճնշումները` զինք տարհամոզելու, որպէսզի հրաժարի իր փայփայած երազէն: Ռուսիա եւ Իրան սխալա՞ծ են արդեօք, եւ Էրտողան իրաւացիօրէ՞ն գրաւ դրած է արաբներու դիմադրականութեան չգոյութեան, եւ ռուս-իրանեան` Թուրքիոյ հանդէպ ներկայի հանդուրժողութեան անսահմանութեան վրայ… Արաբներու դիմադրականութեան ցարդ բացակայութիւնը տակաւին անոր չգոյութեան ապացոյց մը չէ: Իսկ ռուս-իրանեան ներկայի հանդուրժողականութիւնը անսահման չէ բնա՛ւ, այլ` պայմանաւոր եւ ժամանակաւոր միայն: Ռուս-իրանեան կողմին համար կարմիր գիծեր են` համաթրքութիւնը եւ նոր-օսմանականութիւնը: Միայն թէ Ռուսիա կ՛ուզէ զօրաւոր ներկայութիւն ունենալ ո՛չ միայն Սուրիոյ եւ Սուէզի մէջ, այլեւ` Վոսփորի…: Եւ այս վերջինին դիմաց Թուրքիա պայման ունի, եւ Հայաստան պարտաւոր է հաւատարիմ մնալ Ռուսիոյ, որպէսզի այդ պայմանը չհակասէ Հայաստանի շահերուն…

Էրտողան վերջերս այցելեց Սուտան, Չատ եւ Թունուզ` թրքական մահիկով պաշարելու համար Եգիպտոսն ու Սէուտական Արաբիան… որոնք իր մեծագոյն երկու մրցակիցներն են սիւննիական արաբ աշխարհին մէջ:

Ան արդէն, օգտուելով Սէուտական Արաբիոյ եւ Էմիրութիւններու` Քաթարի հանդէպ թշնամանքէն, Քաթարի մէջ հաստատեց թրքական ռազմախարիսխ մը` 3000 զինուորներով` եւ մօտերս հոն կ՛աւարտէ գործարանի մը շինութիւնը` տեղւոյն վրայ ռազմական սարքեր արտադրելու համար:

Եւ Սուտան այցելութեամբ, 100 տարուան համար վարձու առաւ Սաուաքին կղզին` զայն նկատելով նախկին սեփականութիւնը օսմանեան պետութեան, շեշտելով, որ Սաուաքին կղզին ո՛չ Սուտանի կը պատկանի եւ ո՛չ ալ այլ արաբական պետութեան մը: Եւ հոն հաստատեց թրքական երկրորդ ռազմախարիսխ մըն ալ…

Նախապէս արդէն, օգտագործելով Սոմալի տնտեսական սուր տագնապը, կաշառած էր Սոմալի իշխանութիւնը, եւ հոն հաստատած` թրքական 3-րդ ռազմախարիսխ մը` Կարմիր ծովի ափին, սպառնալու համար Եգիպտոսի ազգային անվտանգութեան, ապահովելով նաեւ` ոչ միայն Չատի, այլեւ նոյնիսկ Թունուզի գործակցութիւնը Թուրքիոյ հետ, մինչդեռ Թունուզի նոր ազատագրուած էր օսմանեան ազդեցութենէն` մեկուսացնելով Իսլամ եղբայրներու «Նահտա» կուսակցութեան իշխանութիւնը, որ իշխանութիւնը գրաւած էր ապակողմնորոշելով եւ շահագործելով «Արաբական գարուն» յորջորջուած յեղաշրջումը, որուն ալիքը սկսած էր Թունուզէն… (Բայց արդէն, 1987-ին, երբ այս տողերուն հեղինակը Թունուզի մէջ կը մասնակցէր Պաղեստինցի գրողներու եւ լրագրողներու 9-րդ համագումարին, մեծ զարմանքով զգացած էր օսմանականութեան եւ իսլամութեան զօրաւոր ազդեցութիւնը այս երկրին մէջ, քանի որ Թունուզ, Հիւսիսային Ափրիկէի արաբական երկիրներէն այն մէկն էր, որ ունէր նաեւ ազգայնական եւ ընկերվարական ուղղուածութեամբ ազդեցիկ կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, որոնց մեծագոյնն էր երկրի Աշխատաւորական կազմակերպութիւններու համադաշնակցութիւնը):

Միւս կողմէ` այսօր Սինայի թերակղզիին մէջ շարունակուող ահաբեկչական գործողութիւնները ֆինանսաւորողն ու ղեկավարողը Էրտողանի Թուրքիան է` Եգիպտոսի դէմ: Իսկ Եթովպիան, «Վերածնունդ» կոչուած ջրամբարտակով արտայայտուած իր հակաեգիպտական թշնամանքով` Նեղոսի ջուրերուն կապակցութեամբ, կը ղեկավարուի ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլեւ Իսրայէլի կողմէ, քանի որ Նեղոսի ջուրերուն աչք ունէր Պեն Կուրիոն` տասնամեակներ առաջ արդէն: Եւ սիոնական դրօշի վերեւի եւ վարի կապոյտ գիծերը կը խորհրդանշեն Նեղոս եւ Եփրատ գետերը, եւ Իսրայէլի Քնեսեթի ճակատին գրուած է. «Հայրենիքդ կը տարածուի Նեղոսէն մինչեւ Եփրատ»: Այս նշանաբանին հեղինակն է Պեն Կուրիոն` 1948 թուականին, երբ ըսաւ. «Իսրայէլի ապագան երաշխաւորելու համար մենք պէտք է տիրապետենք Նեղոսի եւ Եփրատի ջուրերուն»: Եւ` սիոնահամափանթուրքական շահերուն միջեւ պորտակապը կ՛երեւի բազմակի երեսակներով…

Միջանկեալ, հարկ է վերյիշեցնել, որ Թուրքիոյ պետութիւնը, Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու նման, տարատնկեալ պետութիւն մըն է: Այս երեքը հիմնուած են իրենց գրաւած երկիրներուն բնիկ ժողովուրդներուն արեան ու գանկերուն վրայ եւ անոնց միջեւ ապահարզանը անկարելիութիւն մըն է: Անոնք պարտաւոր են իրարու կողքին կենալ, երբ իրենցմէ մէկը դատապարտուի իր տարատնկեալ ըլլալուն համար: Միաժամանակ այս երեքին մեծագոյն սպառնալիքը իրարու այն է, որ պիտի խօսին միւսին տարատնկեալ ըլլալուն, բնիկ ժողովուրդը ցեղասպանած ըլլալուն մասին: Սիոնական պետութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները մինչեւ օրս կը մերժեն ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը` Թուրքիոյ ձեռամբ, ի՛նչ վէճ ալ ունենան անոր հետ:

28 յունիս 2016 թուին Էրտողան Իսրայէլի հետ ստորագրեց բարեկամութեան նոր համաձայնագիր մը` Երուսաղէմի մէջ, եւ ոչ թէ` Թել Աւիւի… (փաստաթուղթին մէջ, որպէս վայր, յիշուած է Երուսաղէմը): TRT-ի վրայ մրցութեան մը մէջ Իսրայէլի մայրաքաղաքը ո՞րն է հարցումին, ճիշդ պատասխան նկատուեցաւ Երուսաղէմը: Էրտողան միակ պետն է իսլամ երկիրներու պետերուն մէջէն, որ արժանացած է, Միացեալ Նահանգներու մէջ սիոնական լոպիին կողմէ, քաջութեան շքանշանին, որ «Դաւիթի աստղ»-ն է: Նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի օրով, երբ Էրտողան վարչապետ էր, Թուրքիա իսլամական միակ երկիրն էր, որ 2007 թուին արտօնեց Շիմոն Փերեսին ճառախօսել Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ: Թրամփի, Էրտողանի եւ Իսրայէլի միջեւ տարակարծութիւնները միայն երկրորդական եւ ժամանակաւոր կ՛ըլլան… Այս երեքին անսուրբ դաշինքը վերջ կրնայ գտնել միայն ու միայն այն ատեն, երբ Միացեալ Նահանգներ հրաժարին կայսերապաշտութենէն, Թուրքիա հրաժարի համարթրքութենէն եւ նոր-օսմանականութենէն, իսկ հրէութիւնը հրաժարի սիոնականութենէն…:

Տակաւին, Օսմանեան կայսրութեան նախկին սահմաններու վերականգնումին մոլուցքով յղփացած Էրտողան կը փորձէ նոյնիսկ վերադառնալ Եւրոպայի մէջ օսմանեան գաղութներուն:

Անոր այցելութիւնը Յունաստան` այս նպատակը կը հետապնդէր, պահանջելով վերատեսութեան ենթարկել Լոզանի դաշնագիրը (1923 թ.)` Յունաստան-Թուրքիա սահմանին կապուած: Միջազգային դէտեր եւ վերլուծաբաններ միանշանակ մեկնաբանութիւն չտուին Էրտողանի այս անսպասելի պահանջին: Եթէ ոմանք տոնքիշոթեան որակեցին զայն, ուրիշներ ալ պնդեցին Էրտողանի հաւանական վախին վրայ, թէ` միաբեւեռ աշխարհակարգէն բազմաբեւեռի անցումի ներկայ սրարշաւ ընթացքը կրնայ նաեւ յանգիլ ոչ միայն Սեւրի վերակենդանացման, այլեւ` նոր Լոզանի մը, նոր տարանջատում մը պարտադրելու համար օսմանեան պետութեան շարունակութիւնը եղող արդի Թուրքիոյ տարածքին, քանի որ Լոզանը անտեսած էր Սեւրի այն յօդուածները, որոնք կը վերաբերէին Քիւրտիստանի (Յօդ. 62-րդ, 63-րդ եւ 64-րդ) եւ Հայաստանի (Յօդ. 88-րդ, 89-րդ եւ 90-րդ):

Մուսթաֆա Աթաթուրքը Լոզանը նպաստաւոր համարած էր թուրքերուն համար, քանի որ ան ոչ միայն գոհ էր, որ Լոզանը անտեսած էր Քիւրտիստանը եւ Հայաստանը, այլեւ ինք հրաժարած էր իսլամութենէն եւ օսմանականութենէն (կայսրութեան ծրագրէն): Էրտողան այսօր Լոզանը աննպաստ կը համարէ Թուրքիոյ համար եւ չի հրաժարիր իսլամէն եւ կայսրութենէն: Ան կը հետապնդէ նոր-օսմանականութեան ծրագիր, որպէսզի Լոզանի եւ արդի Թուրքիոյ դարադարձին (2023 թ.) կարողանայ պահանջել «Օսմանեան կայսրութեան հողային ամբողջականութեան սկզբունքին գործադրութիւնը…»: Էրտողանի այս երազը իրականանալու յոյսի նշոյլն անգամ չունի, քանի որ ասոր դէմ են ոչ միայն Ռուսիան` առաջին հերթին, այլեւ` Միացեալ Նահանգները, Եւրոպան, արաբ-իսլամ աշխարհը եւ ՊՐԻՔՍ-ի միւս երկիրները: Բայց Էրտողան իր ղեկավարած Թուրքիան կ՛ուզէ սեպել օսմանեան պետութիւն, որուն շառաւիղն է ինք. այդպիսով կարծելով, որ կրնայ խափանել Սեւրի վերակենդանացումն ու նոր Լոզանի մը գոյառումը` պահանջելով նոյն ատեն Լոզանի վերատեսութիւնը` ի նպաստ իրեն, եւ յոռեգոյն պարագային, այս հմայիլով կը յուսայ վերաշահիլ ժողովրդականութիւն` ներքին ճակատին վրայ եւ հաստատել սուլթանական միապետական բռնատիրութիւն` մոռցնել տալու համար Մուսթաֆա Աթաթուրքին կիզիչ յիշատակը…:

Բայց մեզի համար ցաւատանջ հարցումը այն է, թէ ի՞նչ կ՛ընէ հայութիւնը Էրտողանի վախին ի տես: Ի՞նչ կ՛ընէ հայութիւնը` Սեւրի վերակենդանացման եւ նախագահ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի գործադրութեան համար:

Պէյրութ
1 յունուար 2018

 

 

Լոյս Տեսաւ Ռ. Հատտէճեանի «Մարդիկ, Որոնք Անցան Կեանքիս Մէջէն» Խորագեալ Նոր Գիրքը

$
0
0

«Հաճոյքով կը հաղորդենք, որ գիրքի ձեւով հրատարակուեցաւ ու այսօրուընէ սկսեալ գրասէրներու տրամադրութեան տակ կը դրուի մեր խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի նոր գիրքը, որ «Մարդիկ, որոնք անցան կեանքիս մէջէն» շարքի երեք հատորներէն առաջինն է: Ինչպէս ընթերցողները կը յիշեն, այս շարքին մէջ հեղինակը կարօտալից ու սիրոյ զգացումներով կը խօսի անձերու մասին, որոնք անցան իր կեանքին մէջէն ու բանով մը իրենց ազդեցութիւնը թողուցին: Շարքը պիտի ամբողջանայ երեք հատորներով: Գիրքին մէջ տեղ տրուած է նաեւ յիշուած անձերէն ոմանց լուսանկարներուն», կը տեղեկացնէ «Մարմարա» օրաթերթը:

Հեղինակը կը գրէ, որ մեռնողները կը շարունակեն ապրիլ զիրենք յիշողներուն շնորհիւ: Երբ կու տանք անոնց անունները, կը փոխադրուինք դէպի անցեալ, կարօտով կը յիշենք ապրուած կամ չապրուած հին օրերը:

Գիրքը կը կազմէ «Յուշատետր» շարքին 88-րդ հատորը: Շարքին յաջորդ երկու հատորները պիտի հրատարակուին շուտով:

«Վարձքերնիդ Կատար»-էն Անդին…

$
0
0

 Ըստ ընկալեալ սովորութեան, աշխատանքի մը աւարտին «Վարձքերնիդ կատար» կ՛ըսենք ու կ՛անցնինք: Ճիշդ է` կարեւոր է այս մէկը, նուազագոյն գնահատանք մը,  որ ժպիտ մը կը գծէ աշխատանքը կատարողներուն դէմքին եւ գոհունակութեան թեթեւ զգացում մը կ՛ընծայէ: Սակայն կան աշխատանքներ, որոնք այդ երկու բառերէն քիչ մը անդին երթալու  կարիքը կը ներկայացնեն: Գնահատանքի կողքին, անոնք առիթ կը ստեղծեն մտածելու` նիւթերու մասին,  որոնք անպայմանօրէն ուղղակի չեն կապուիր աշխատանքին, այլ` աւելի ընդհանուրին:

Տօնական ուրախ օրերու ընթացքին, դեկտեմբեր 30-31-ին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի սկաուտները, հետեւելով «Գործել բարիք մը ամէն օր» կարգախօսին, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին առիթով պատրաստեցին 100 կարիքաւոր ընտանիքի Նոր տարուան կերակուր:

Գեղեցիկ նախաձեռնութիւն, դժուար գործ, ամիսներու նախապատրաստական աշխատանք, յոգնութիւն… Վարձքը կատա՛ր բոլորին:

Բայց եկէ՛ք` պահ մը մտածենք, թէ  ինչո՛ւ այս տեսակի դժուար աշխատանքի մը ձեռնարկեցին սկաուտները, ի՞նչն է այն ուժը, որ այս երիտասարդները կը մղէ կամաւոր աշխատանքի, ինչո՞վ կը տարբերին անոնք իրենց տարեկիցներէն:

Պարզ է. այս հսկայ աշխատանքին ծրագրողն ու նախաձեռնողը խումբ մը երիտասարդներ են, որոնք կը տարբերին իրենց տարեկիցներէն` միութենական գիտակցութեամբ, պատկանելիութեան զգացումով, որոնք իրենց գործերուն եւ դասերուն կողքին, կ՛աշխատին սկաուտներուն հաճելի, դաստիարակչական, միութենական եւ ազգային աշխատանքներ ծրագրելով եւ իրագործելով: Աւելի՛ն. տօնական օրերուն, մէկ կողմ ձգած վայելքն ու հաճոյքը, միասնաբար աշխատեցան` առանց գանգատելու, եւ կրցան պատրաստել 100 կարիքաւոր ընտանիքի Նոր տարուան ընթրիք:

Հոս հարկ է յիշել նաեւ եւ վարձքը կատար ըսել բոլոր ծնողքներուն, բարեկամներուն, ինչպէս նաեւ` նուիրատուներուն, որոնք օժանդակեցին այս աշխատանքին:

Այս երիտասարդները կը հաւատան կամաւոր գործի կարեւորութեան, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ այդպէս կը դաստիարակուին, ինչպէս նաեւ կը դաստիարակեն:  Այսպէս, ամբողջ տարին անոնք կամաւորապէս միութենական գործ կը տանին` առանց որեւէ սպասումի:

Այս աշխատանքով ՀՄԸՄ-ական երիտասարդները կրցան յոյս, վստահութիւն, ինչպէս նաեւ հանգստութիւն ներշնչել  մէկ կողմէ կարիքաւոր ընտանքիներուն, իսկ միւս կողմէ, միութեան ապագայով մտահոգ անձերուն, փաստելով, որ տակաւին կայ պատասխանատու երիտասարդութիւն, կայ յանձնառու, նախաձեռնող, միութենական գիտակցութեամբ լեցուն երիտասարդութիւն, տակաւին կը պահուին ՀՄԸՄ-ի արժէքներն, ու կ՛իրագործուին անոր նպատակները:

Ապրի՛ք, քոյրե՛ր եւ եղբայրնե՛ր, շարունակեցէ՛ք նոյն ոգիով եւ նոյն թափով: Այսօր թերեւս դուք չէք նկատեր ձեր կատարած աշխատանքին կարեւորութիւնը, սակայն ապագային երախտապարտ պիտի ըլլաք, որ մաս կազմած էք ՀՄԸՄ-ին եւ ՀՄԸՄ-ի ճամբով կրցած էք առաւել եւս կազմաւորուիլ:

Լիայոյս ենք, որ այլ առիթներ պիտի ստեղծէք` դարձեալ անցնելու «Վարձքերնիդ կատար»-էն անդին:

ՀՄԸՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԷՆ ԵՂԲԱՅՐ ՄԸ


Հայաստանի Չորրորդ Նախագահի Լիազօրութիւնները

$
0
0

Պատրաստեց` ՄԱՐԻ ԹԱՐԵԱՆ

Ըստ նոր սահմանադրութեան, ապրիլ 2018-էն սկսեալ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարը պիտի ըլլայ վարչապետը:

Ի տարբերութիւն նախորդ սահմանադրութեան, նոր նախագահի լիազօրութիւնները պիտի սահմանափակուին, եւ ան հիմնականօրէն ներկայացուցչական դեր պիտի կատարէ:

«Մետիամաքս»-ը կը ներկայացնէ, թէ ի՛նչ լիազօրութիւններ պիտի ունենայ նախագահը նոր սահմանադրութեամբ եւ ի՞նչ փոփոխութիւններ կատարուած են անոնց մէջ:

1.- Ի՞նչ կարգավիճակ ունի նախագահը:

Ըստ նոր սահմանադրութեան, հանրապետութեան նախագահը պետութեան գլուխն է, որ կը հետեւի սահմանադրութեան պահպանման եւ իր գործառոյթները կ՛իրականացնէ սահմանադրութեամբ սահմանուած լիազօրութիւններու միջոցով:

Ի տարբերութիւն 2005-ին ընդունուած սահմանադրութեան, օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու բնականոն գործունէութեան ապահովումն ու ՀՀ անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւորումը նախագահի լիազօրութիւններուն մէջ շարադրուած չեն:

2.- Ո՞վ կրնայ ընտրուիլ հանրապետութեան նախագահ:

Հանրապետութեան նախագահ կրնայ ընտրուիլ քառասուն տարին լրացուցած, նուազագոյնը վերջին վեց տարիներուն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացող, վերջին վեց տարիներուն մշտապէս Հայաստանի մէջ բնակող, ընտրական իրաւունք ունեցող եւ հայերէնին տիրապետող իւրաքանչիւր անձ:

2005-ի սահմանադրութեամբ, մինչդեռ, նախագահ կրնար ընտրուիլ երեսունհինգ տարին լրացուցած, վերջին տասը տարիներուն Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացող, վերջին տասը տարիներուն մշտապէս Հանրապետութեան մէջ բնակող եւ ընտրական իրաւունք ունեցող իւրաքանչիւր անձ:

3.- Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս կ՛ընտրէ հանրապետութեան նախագահը:

Եթէ նախորդ սահմանադրութեամբ նախագահը կ՛ընտրուէր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն կողմէ` հինգ տարի ժամկէտով, այժմ, սակայն, նախագահը կ՛ընտրէ Ազգային ժողովը` պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու առնուազն երեք քառորդով:

Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրելու իրաւունք ունի պատգամաւորներու ընդհանուր թիւին առնուազն մէկ քառորդը:

Հանրապետութեան նախագահը կ՛ընտրուի եօթը տարի ժամկէտով եւ իր լիազօրութիւններու իրականացման ընթացքին որեւէ կուսակցութեան անդամ չի կրնար ըլլալ: Նոր սահմանադրութեամբ,` նոյն անձը այդ պաշտօնը կրնայ զբաղեցնել ոչ թէ առաւելագոյնը երկու, այլ միայն մէկ անգամ:

4.- Որո՞նք են հանրապետութեան նախագահին լիազօրութիւնները` Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան բնագաւառներուն մէջ:

Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները կառավարութեան եւ Ազգային ժողովի բնագաւառներուն մէջ մեծապէս փոխուած են:

Նոր սահմանադրութեամբ, հանրապետութեան նախագահը կը նշանակէ Ազգային ժողովի հերթական եւ արտահերթ ընտրութիւնները, կը ստորագրէ եւ կը հրապարակէ Ազգային ժողովին ընդունած օրէնքները` քսանմէկօրեայ ժամկէտի մէջ:

Մինչդեռ առաջ, օրինակ, ան իրաւունք ունէր նաեւ սահմանադրութեամբ նախատեսուած պարագաներուն ու կարգով արձակել Ազգային ժողովը եւ նշանակել արտահերթ ընտրութիւն:

Հանրապետութեան նախագահը սահմանադրութեամբ սահմանուած պարագաներուն կրնայ ընդունիլ կառավարութեան հրաժարականը եւ վարչապետի առաջարկով փոփոխութիւններ կատարել կառավարութեան կազմին մէջ:

Նախորդ սահմանադրութեամբ վարչապետին նշանակման` նախագահի լիազօրութիւնները կը սահմանուէին այսպէս. «ՀՀ նախագահը Ազգային ժողովի մէջ պատգամաւորական տեղերու բաշխման եւ պատգամաւորական խմբակցութիւններու հետ խորհրդակցութիւններու հիման վրայ վարչապետ կը նշանակէ պատգամաւորներու մեծամասնութեան վստահութիւնը վայելող անձը»:

Ըստ նոր սահմանադրութեան, «Հանրապետութեան նախագահը նորընտիր Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու ժամկէտը սկսելէն ետք անյապաղ վարչապետ կը նշանակէ խորհրդարանական մեծամասնութեան ներկայացուցած թեկնածուն»:

5.- Ի՞նչ լիազօրութիւններ ունի նախագահը արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառին մէջ:

Արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառին մէջ հանրապետութեան նախագահը օրէնքով սահմանուած պարագաներուն եւ կարգով, կառավարութեան առաջարկութեամբ, կը կնքէ միջազգային պայմանագրեր, վարչապետին առաջարկով կը նշանակէ եւ ետ կը կանչէ օտարերկրեայ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ դիւանագիտական ներկայացուցիչները, կ՛ընդունի օտարերկրեայ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու դիւանագիտական ներկայացուցիչներու հաւատարմագրերը եւ յետկանչագրերը:

Կառավարութեան առաջարկով, օրէնքով սահմանուած պարագաներուն եւ կարգով կը հաստատէ, կը կասեցնէ կամ չեղեալ կը յայտարարէ վաւերացում չպահանջող միջազգային պայմանագրերը:

Նախորդ սահմանադրութեամբ, նախագահը կը ներկայացնէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային յարաբերութիւններու մէջ, կ՛իրականացնէր արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր ղեկավարումը:

  1. Զինուած ուժերուն մէջ նախագահի լիազօրութիւնները որո՞նք են:

Նոր սահմանադրութեան համաձայն, հանրապետութեան նախագահը, վարչապետին առաջարկով, օրէնքով սահմանուած պարագաներուն եւ կարգով կը նշանակէ ու ազատ կը կացուցէ զինուած ուժերու եւ այլ զօրքերու բարձրագոյն հրամանատարական կազմը, ինչպէս նաեւ, վարչապետին առաջարկով, օրէնքով սահմանուած պարագաներուն եւ կարգով կը շնորհէ բարձրագոյն զինուորական կոչումներ:

Նոր սահմանադրութեամբ զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը այլեւս նախագահը չէ, եւ պատերազմի պարագային այդ լիազօրութիւնները վարչապետին կը պատկանին:

Նախորդ սահմանադրութեամբ, նախագահը նաեւ ինքնուրոյն կը համակարգէր պետական մարմիններու գործունէութիւնը պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ, կը նշանակէր եւ ազատ կը կացուցէր զինուած ուժերու ու այլ զօրքերու բարձրագոյն հրամանատարական կազմը:

Հանրապետութեան վրայ զինուած յարձակման, անոր անմիջական վտանգի առկայութեան կամ պատերազմ յայտարարուելու պարագաներուն, ըստ նախորդ սահմանադրութեան, նախագահը կը յայտարարէր ռազմական դրութիւն եւ կրնար յայտարարել ընդհանուր կամ մասնակի զօրահաւաք, որոշում կ՛ընդունէր զինուած ուժերու օգտագործման մասին:

Պատերազմի ժամանակ հանրապետութեան նախագահը կրնար նշանակել եւ ազատ կացուցել զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարը: Սահմանադրական կարգին սպառնացող անմիջական վտանգի պարագային, խորհրդակցելով Ազգային ժողովի նախագահին եւ վարչապետին հետ, նախագահը կրնար յայտարարել արտակարգ դրութիւն, իրականացնել իրավիճակէն թելադրուող միջոցառումներ եւ այդ մասին ուղերձով դիմել ժողովրդին:

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«ԵՌԱԳՈՅՆ»

Հայկական Հարցին Վերաբերող Օսմանեան Փաստաթուղթերու Հսկայ Հաւաքածոյ Մը 1931-ին Ծախուած Է Պուլկարիոյ

$
0
0

Պուլկարիոյ Ազգային գրադարանը կը պարունակէ օսմանեան արխիւներու եւ փաստաթուղթերու աշխարհի ամէնէն հարուստ հաւաքածոներէն մէկը, մօտաւորապէս` 500 հազար արխիւային միաւոր եւ աւելի քան մէկ միլիոն փաստաթուղթ: Այս մասին կը հաղորդէ «Թուրքփրես» արաբատառ կայքէջը:

Այդ արխիւները կը ներկայացնեն Օսմանեան կայսրութեան պատմական, տնտեսական, քաղաքական, մշակութային եւ կրօնական փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ կը բացայայտեն Օսմանեան կայսրութեան յարաբերութիւնները եւրոպական, ասիական եւ իր իշխանութեան ենթակայ երկիրներու հետ, ինչպէս` Եմէնի, Հիճազի եւ Պաղեստինի: Անոնց մէջ տեղ գտած են տնտեսական փաստաթուղթեր, բանակային յատկացումներու եւ պետական հարցերու առնչուող վաւերագրեր:

1877-1878 թուականներու ռուս-թրքական պատերազմէն ետք օսմանեան ուժերը Պուլկարիայէն քաշուելով` հոն ձգած են իրենց արխիւներէն մաս մը: Մինչ վերոնշեալ փաստաթուղթերուն մեծ մասը Պուլկարիոյ պետութիւնը ձեռք բերած է թուղթի աճուրդի մը ընթացքին, 1931 թուականին, երբ թրքական կառավարութիւնը վերամշակման համար չափազանց աժան գնով մեծ քանակով թուղթեր ծախու դրած էր:

Այն ժամանակուան Թուրքիոյ վարչապետ Իսմեթ Ինէօնիւ չէ բացայայտած, որ վերամշակելու միտումով աճուրդի դրուած թուղթերը Օսմանեան կայսրութեան արխիւային փաստաթուղթեր են: Այս մէկը մաս կը կազմէր օսմանեան փաստաթուղթերէն ձերբազատելու ընդհանուր ծրագրի մը, որուն նպատակն էր ոչնչացնել օսմանեան անցեալին վերաբերող որեւէ փաստ:

Օրին ծախուած են մօտաւորապէս 50 թոն օսմանեան արխիւային փաստաթուղթեր, որոնցմէ մէկ քկ թուղթի արժեգինը եղած էր 3 ղուրուշ:

Թուրք պատմաբան Ռեշիտ Քոնտոկոն «Եիկիտիա» պատմամշակութային պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ նշած է, որ Հայկական հարցին եւ Պուլկարիոյ պատմութեան վերաբերող օսմանեան փաստաթուղթերը ծախուեցան Պուլկարիոյ 1931 թուականին:

«Թուրք Թայմ» կայքէջը բացայայտած է, որ Կալաթասարայի համալսարանէն շրջանաւարտ Փանչօ Տիւրեֆը ուսումնասիրութիւններ կատարած է Հայկական հարցին եւ Պուլկարիոյ պատմութեան մասին` օսմանեան արխիւներէն օգտուելով եւ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է առուծախի գործողութեան ընթացքին եւ արխիւները Պուլկարիա հասցնելու գործին մէջ:

Ֆրանսական «Լա Նուվել Օպզերվաթէօր» շաբաթաթերթը գրած է, որ Վատիկանը Պուլկարիայէն գնած է հայերուն վերաբերող փաստաթուղթերէն մեծ մաս մը:

«Թիւրքիէ կազեթեսի» թերթը իր 1995-ի յունիսի թիւին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ, որուն հեղինակն է Նեճտեթ Օզվոթարի, նշած է, որ Վատիկանը 40 միլիոն պուլկարական լեւ վճարած է վերոնշեալ փաստաթուղթերու գնման համար:

Փաստաթուղթերը պատմութեան հիմքերն են, ականատեսներու վկայութիւնները` պատմական դէպքերուն, ինչպէս նաեւ` պատմաբաններուն հումքը: Եթէ փաստաթուղթերը ոչնչանան, պատմաբանները կը լռեն` կորսնցնելով փաստերը, որոնք կը հաստատեն տուեալները:

 

2018-ի Շիրակի Մարզպետի Գլխաւոր Խնդիրը Պիտի Ըլլայ Զարգացնել Զբօսաշրջութիւնը

$
0
0

2017-ին, Շիրակի մարզի մէջ իրականացուած աշխատանքներու, 2018-ի ծրագիրներու իրականացման եւ այլ հարցերու վերաբերեալ «Երկիր»-ի լրագրողը զրուցեց Շիրակի մարզպետ Արթուր Խաչատրեանին հետ:

Խօսելով Ազգային ժողովի ամպիոնէն Շիրակի մարզէն ընտրուած պատգամաւորներու հնչեցուցած դիտարկումներուն մասին, թէ` մարզին քիչ գումար կը յատկացուի, մարզպետը յայտնեց. «Համայնքին տրամադրուող գումարը որոշւում է Հայաստանի Հանրապետութեան ֆինանսական համահարթեցման մասին օրէնքով: Յատկացումներ վճարելու հիմնական գործօններն են` բնակիչների թիւը, տարիքային կազմը: Հիմա մի քիչ աւելի է բարդացուել օրէնքը, հաշուի է առնւում նաեւ հեռաւորութիւնը մարզկեդրոնից, Երեւանից: Այսինքն մէկ շնչին բաժին ընկնող գումարը բխում է սեփական եկամուտների մակարդակից, որոշւում այդ գործօններով»:

Ըստ Խաչատրեանի, գումարը մարզին չի տրուիր, այլ` համայնքներուն: «Չկայ «մարզային պիւտճէ» հասկացութիւն, կայ համայնքային պիւտճէ», ըսաւ մարզպետը:

Խաչատրեան նշեց, թէ քանի որ Շիրակի մարզը նաեւ աղէտի գօտի է, եւ աղէտին հետեւանքները տակաւին չեն վերացած, լրացուցիչ գումարներ կը յատկացուին մարզին:

«Օրինակ, այս տարի Գիւմրիում երկու հոգու բնակարանների գնման վկայականներ տուեցինք: Արթիկում բնակելի շէնք էր վթարուել, եւ 22 հոգու բնակարան տուեցինք, 8 հոգուն` փոխհատուցում, որ բնակարան գնեն գիւղական համայնքներում», յայտնեց Խաչատրեան:

Մարզպետը ըսաւ, որ մարզին մէջ շինարարութիւնը անցեալ տարուան հետ բաղդատած` այս տարի 50 տոկոս աւելցած է:

«Դրանից բացի` Համաշխարհային դրամատան վարկային ծրագրի շրջանակներում ունենք խոշորացուած համայնքների աջակցութեան ծրագիր: Եթէ համայնքները լաւ ծրագիր են իրականացնում, կարող են նաեւ լրացուցիչ գումար ստանալ», ըսաւ ան:

Խաչատրեան աւելցուց, որ մարզին մէջ բաւական ներդրումներ եղած են 2017-ին: ««Կումայրի» ծրագրի շրջանակներում հսկայական ներդրում է տեղի ունեցել: Արթիկի շրջանում մօտ երեք հեկտար մակերեսով երեք միլիոն արժողութեամբ ջերմոցներ ենք կառուցել ներդրումների միջոցով: Մասնաւոր ներդրումներ անողներ կան, ոչ այնքան շատ, բայց հետաքրքրուած են. բազմաթիւ մարդիկ են գալիս եւ հետաքրքրւում` ինչե՞ր կարելի է անել, ո՞ր առեւտուրն այստեղ կը դառնայ կենսունակ: Տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառում ընկերութիւններ են բացուել, որոնցից մէկն, ի դէպ, գիւմրեցի երիտասարդի է, նա Գիւմրիից գնացել էր, հիմա իր ծննդավայրում ամերիկեան ընկերութիւն է հիմնել», ըսաւ մարզպետը:

Անդրադառնալով Եւրոմիութեան  դեսպան Սուիթալսքիի այն յայտարարութեան, թէ Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանի յատկացումներուն մեծ մասը Շիրակի մարզ պիտի ուղղուի, Խաչատրեան նշեց, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ մէկ միլիոն եւրոյի յատկացում պիտի ըլլայ, որպէսզի գորգագործութեան զարկ տրուի:

«Ամասիայում զարգացնելու ենք ոչխարաբուծութիւնը: Վերջնական նպատակը գորգագործութեան վերականգնումն է, բայց, որպէսզի գորգագործութիւն ունենանք, պէտք է ունենանք բուրդ, ուստի ոչխարաբուծութեան արժեշղթայի զարգացման համար մէկ միլիոն եւրօ է տրամադրուել», ըսաւ ան:

Մարզպետը յայտնեց, որ 2018-ին գործնական քայլեր պիտի առնուին զբօսաշրջութեան զարգացման ուղղութեամբ:

«Ներդրողների հետ ենք խօսում, որպէսզի ծրագիր մշակենք յատուկ զբօսաշրջութեան զարգացման համար: Զբօսաշրջութեան զարգացման հայեցակարգն ենք մշակել, յստակ քայլեր ենք նախաձեռնում: Գիւղատնտեսութեան զարգացման բնագաւառում էական ծրագրեր ունենք, բայց, ամենակարեւորը, կան պետական ծրագրեր` պետական ներդրումների վերաբերեալ, որոնց խաղի կանոնները յստակեցուեցին կառավարութեան կողմից. կայ վարձակալութեան ծրագիր, արագ աճող այգիների ծրագիր, տոհմային տնտեսութիւնների զարգացման ծրագիր, այսինքն պետութիւնը մեզ համար միջավայրը ստեղծում է, այստեղ պարզապէս պէտք է աշխատել, որպէսզի մեր մարզի բնակիչներն առաւելագոյնս օգտուեն ընձեռուած հնարաւորութիւններից», եզրափակեց  Արթուր Խաչատրեանը:

 

Խմբագրական` «Նոր Յառաջ»-ի. Էրտողան` Հզօրութեան Գագաթնակէտին

$
0
0

Մաքրոն-Էրտողան նախագահական մամլոյ ասուլիսը Թուրքիա-Արեւմուտք երկդիմի փոխյարաբերութիւններու բացառիկ խտացումն էր: Ի՞նչ արժանիք ունի Մաքրոնի մաղթանքը` Թուրքիան եւրոպական արժէքներուն կառչած տեսնելու, երբ իր աչքին առջեւ Cash-investigation-ի լրագրող Լորան Ռիշարին Էրտողան այնպիսի շլացուցիչ պատասխան մը տուաւ, որ ո՛չ ինք` նախագահ Մաքրոն եւ ո՛չ ալ ոեւէ այլ լրագրող յանդգնեցաւ նոյնքան համարձակութեամբ, նոյնքան կոշտութեամբ հակազդելու: Էրտողան լաւ գիտէ հիւրընկալին հակազդեցութեան սահմանները: Կը խօսի ուժի դիրքերէ: Թուրքիան բնաւ ինքզինք այսքան զօրաւոր ու այսքան համարձակ չէ զգացած, որքան` Էրտողանի շրջանին: Եւ ասոր բուն պատասխանատուները արեւմտեան երկիրներն են: Անոնք են, որ Էրտողանին յանձնեցին զիրենք խարազանելու փայտը:

Եթէ ոեւէ լրագրող այդ նոյն հարցումը Թուրքիոյ մէջ հարցուցած ըլլար` հաստատ կ՛ամբաստանուէր կիւլէնական դաւադրութեամբ եւ իսկոյն բանտ կը նետուէր: Այս է բացայայտ իրականութիւնը: Ինչպէս որ Երրորդ աշխարհի այլ տիրակալ մը, եթէ նոյնքան ուժգնութեամբ հակառակէր Արեւմուտքի ցանկութիւններուն, անպայման ենթարկուած պիտի ըլլար տնտեսական կամ այլ պատիժներու: Բայց ոեւէ մէկ եւրոպացի չի յանդգնիր Էրտողանը ամբաստանելու կամ Թուրքիան տնտեսական պատիժներու ենթարկելու: Ինչո՞ւ, որովհետեւ Էրտողան Արեւմուտքին` Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա, ծառայութիւններ մատուցած է, որոնց գինը կը պահանջէ: Էրտողանին պատասխանը Լորան Ռիշարին շատ դիպուկ էր` «իսկ ամերիկեան զէնքերու հայթայթո՞ւմը, ինչո՞ւ անոնց մասին հարցում չէք ուղղեր», եւ դեռ կրնար աւելի հեռուն երթալ, իսկ ֆրանսական, անգլիական, իսրայէլեան զէնքերու հո՞սքը… Կա՞յ մեծ երկիր մը, որուն ձեռքը արիւնի մէջ թաթխուած չէ սուրիական պատերազմի պարագային: Էրտողան բոլորին հետ գործակցած է քանդելու համար Սուրիան: Ան բոլորին ծառայութիւն մատուցած է, նոյնիսկ ռուսական հալածիչ մը վար առած է, Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները շրջան մը խզած, Պաշշար  Ասատի վարչակարգը քանդելու արեւմտեան ծրագրին սիրոյն:

Նախագահ Մաքրոնի արժանիքը Թուրքիոյ հետ երկդիմի յարաբերութիւններուն վերջ դնելու ցանկութեան մէջ կը կայանայ: Արդեօք պիտի յաջողի՞: Առաջին փորձը յաջող չէր: Թէեւ կարեւոր քայլ մըն էր: Ինչ որ բոլորը գիտէին, թուրքերէն սկսեալ, որ ԵՄ-ի մուտքը Թուրքիոյ առջեւ փակուած է, Մաքրոն յանդգնեցաւ Էրտողանի դիմաց յայտարարելու: Սակայն, փոխարէնը, Էրտողան անմիջապէս ստացաւ գործընկերութեան առաջարկը` հակառակ մարդկային իրաւունքներու ամէն տեսակի ոտնակոխումներուն, օրինական երկրի բոլոր տեսակի խախտումներուն: Ստորագրեց տնտեսական ու ռազմական գործակցութեան պայմանագրեր` ֆրանքեւթրքական առեւտրական փոխանակումներու ծաւալը բարձրացնելով 20 միլիառ եւրոյի …

Միջպետական այս հանդիպումին Էրտողան ձեռք ձգեց նաեւ ռազմավարական շատ մեծ յաղթանակ մը: Մաքրոնի բերնով վերստին յայտարարել տուաւ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) ահաբեկչական կառոյց մըն է: Ինք բոլորին ներկայութեան յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ գործող քրտական կազմակերպութիւնները ՔԱԿ-ի լծակից կառոյցներ են, որոնց դէմ իրաւասու է հակահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու, մինչ քիւրտերը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարող Արեւմուտքին դաշնակից գլխաւոր ուժն են եւ ինքնավարութեան համար պայքար կը մղեն թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ Թուրքիոյ մէջ: Ուրեմն, նոյնիսկ քիւրտերուն նկատմամբ արեւմտեան ճակատին մէջ ճեղք մը յառաջացնող դիրքորոշում գրգռեց: Ասկէ զատ, ընդգծելի է նաեւ այս ասուլիսին տիրած լռութիւնը` Էրտողանի կողմէ Գերմանիոյ կառավարութեան անդամներուն յղուած «նացի»-ականութեան ամբաստանութիւններուն, Կիպրոսի հարցին, Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի շրջափակման նկատմամբ…

Բնաջնջումի զանգուածային զէնքերու արտադրութեան շինծու պատրուակով Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սատտամի վարչակարգի տապալումէն ետք, որուն դէմ էր Թուրքիան, որովհետեւ գիտակից էր, որ այդ քայլը իր սահմանին պիտի ստեղծէ քրտական անկախ պետութեան վտանգը, ան Սուրիոյ պատերազմին գործակցեցաւ արեւմտեան պետութիւններուն հետ` հիմնական նպատակ ունենալով արգիլել քրտական պետութեան մը ստեղծումը իր սահմանին եւ անշուշտ իսլամական աշխարհին մէջ առաջնորդի դերակատարութիւնը ստանձնելու այլ ռազմավարական նպատակ ալ հետապնդելով: Երբ ռուսական միջամտութիւնը փոխեց խաղին օրէնքը, Էրտողան իր ռազմավարութիւնը յարմարցուց նոր պայմաններուն: Ձեռք ձգեց նաեւ Ռուսիոյ հետ դաշնակցելու նոր խաղաթուղթ մը Արեւմուտքին դիմաց: Այսօր Թուրքիան դարձած է անշրջանցելի գործակից մը Միջին Արեւելքի բոլոր հարցերու լուծումին համար: Միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարի անհրաժեշտ դաշնակից: Դարձած է Արեւելքէն Արեւմուտք ուժանիւթի փոխադրութեան տարանցիկ քառուղի: Երեքուկէս միլիոն սուրիացի գաղթականներու ապաստան տալով` ան Եւրոպան պատանդ առած է, որուն կը պարտադրէ իր խաղին օրէնքները: Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը բաւարար զէնք չէ Արեւմուտքի ձեռքին մէջ, որպէսզի ծունկի բերէ Էրտողանը, որ լաւ գիտէ իր մատուցած ծառայութեան արժէքը եւ անոր համար սուղ վճարել տալու եղանակը:

 

 

Արդարամիտ Թուրք Փրոֆեսէօրը Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ     
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

2017 թուականի դեկտեմբեր 30-ին հանրածանօթ թուրք քաղաքագէտ, լրագրող եւ գրող Ճենկիզ Աքթար հրապարակած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ անաչառ եւ կարեկցական յօդուած մը:  «Անցեալի բռնութեան դիմակայումը աւելի մեծ բռնութեամբ» խորագիրը կրող Աքթարի յօդուածը տեղադրուած է Ahvalnews.com արտասահմանեան կայքին վրայ` թրքական կառավարութեան ճնշող վարչակարգի հասանելիութենէն դուրս:

Փրոֆ. Աքթար իր յօդուածը կը սկսի թուրք ժխտողականներուն ուղղուած խիստ զգուշացումով մը. «Եթէ մենք` որպէս հասարակութիւն, դէմ յանդիման չգանք անցեալին գործած մեր զանգուածային յանցանքին հետ, ինչպիսին է 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ եթէ պատշաճ հատուցում չկատարենք անմեղ զոհերու ժառանգներուն, անպատիժ մնալու իրողութիւնը պիտի հետապնդէ մեզ, եւ մինչեւ իսկ աւելի մեծ չարիք կրնայ գալ մեր գլխուն: Սա դարաւոր բարոյական ծանր իրավիճակ է` շատ խոր արմատներով»: Աքթար ոչ միայն կը պահանջէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում, այլ նաեւ, ինչ որ աւելի կարեւոր է, «փոխհատուցում»:

Փրոֆ. Աքթար կը  գտնէ, որ 1915 թուականէն ի վեր Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած բոլոր չարիքներուն արմատը թրքական կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումն է. «Հաշուի առնելով, որ Ցեղասպանութիւնը իր էութեամբ զանգուածային յանցագործութիւն է, քան` որեւէ հասարակական, անհատական կամ հաւաքական օրինազանցութիւն, կամ` այսօրուան չդադարող չարիքները, եւ եթէ հասարակական գիտակցութիւնը կրնայ մարսել Ցեղասպանութիւնը, ապա եւ անիկա կրնայ դիւրութեամբ հանդուրժել որեւէ անօրինականութիւն: Այսպիսով, չարիքը չարիք կը ծնի: Մենք` որպէս հասարակութիւն, միշտ մերժած ենք անդրադառնալ 1915 թուականի իրադարձութիւններուն` այդ մեղսագործութեան հետեւած խախտումներուն պատճառով, որոնք ուղղակիօրէն կապ ունէին Ցեղասպանութեան անպատժելիութեան, ինչպէս նաեւ կամաւոր կամ պարտադրուած խելագարութեան հետ»:

Իրականութեան մէջ բռնութիւնը եւ անարդարութիւնը սովորական երեւոյթ դարձած են Թուրքիոյ մէջ` կապուած Հայոց ցեղասպանութեան զանգուածային յանցագործութիւններուն. «… Հաւաքական խելագարութիւնը, հաւաքական բռնութիւնը եւ հաւաքական անառակութիւնը, զորս պարտադրուած են մեզի 1915-ի յանցանքներէն ետք, դարձած են մեր կենսակերպը: Այժմ մենք անսահման բռնութիւն եւ անառակութիւն ունինք ամէնուրեք, մեր տուներուն, զօրանոցներուն, աշխատավայրերուն, հիւանդանոցներուն, բոլոր ասպարէզներուն մէջ, քաղաքականութենէն մինչեւ լրատուական միջոցներ` մարդոց, անասուններու, բնութեան, քաղաքներու, մշակոյթի, ամէն բանի դէմ: Անօրէնութիւնը, անպատժելիութիւնը, անարդարութիւնը եւ անտարբերութիւնը եւս ամէնուրեք են»:

Աքթար Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը կը նկարագրէ որպէս Թուրքիոյ վրայ շարունակուող «անէծք», որ պատճառ դարձած է թրքական հասարակութեան մէջ առկայ բազմաթիւ չարիքներու. «Որոշակի շիզոֆրենիա (հոգեհերձուածութիւն, «Ա.»), որ կը ստիպէ անմիջապէս մոռնալ եւ միւսներուն եւս կը ստիպէ մոռնալ հասցուած բռնութիւնը: Ասիկա ընդհանուր հիւանդութիւն է, որ կը գերազանցէ սովորական ամէնօրեայ քաղաքականութեան պատրանքը: Այսուամենայնիւ, անցեալի բռնութիւններու ճնշուած յիշողութիւնները կը պահպանուին հասարակութեան ենթագիտակցութեան մէջ` աւելի շատ բռնութիւն ստեղծելով, փորձելով մեր խելագարութեան սահմանները: Այնպէս որ, փորձելով մոռնալ չարիք մը` մենք նորը կը ստեղծենք…Գուցէ սա հասարակութեան անէծքն է, որ կը ստիպէ հրաժարիլ կամովին դէմ յանդիման գտնուելէ իր անցեալի բռնութեան հետ, ակամայ դիմակայելով ամէնօրեայ բռնութիւնը` իր բոլոր աղէտաբեր հետեւանքներով»:

Իր գթասիրտ, մարդասիրական յօդուածի վերջաւորութեան Աքթար կը վերատեղադրէ իր մէկ այլ հզօր յօդուածը, զոր ան գրած էր «Թարաֆ» թերթին մէջ մինչեւ 2015` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակ. թրքական իշխանութիւնները յօդուածը ջնջած են կայքէն:

Աւելի կանուխ գրուած իր յօդուածին մէջ փրոֆ. Աքթար նաեւ կ՛ընդունի, որ այսօր Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող չարիքները թրքական հասարակութիւնը պայմանաւորած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու անէծքներով. «Ո՛վ գիտէ` մեզ հետապնդող բոլոր չարիքները, անվերջ զանգուածային սպանութիւնները եւ այս դժբախտութիւններէն դուրս գալու մեր անկարողութիւնը գուցէ պայմանաւորուած  են դարաւոր անէծքով եւ դարաւոր սուտով: Ի՞նչ կը կարծէք: Սա թերեւս նզովքն է` հայերու, մանուկներու, կիներու եւ տղամարդոց, որոնք նահատակուեցան հառաչանքով եւ թաղուեցան առանց դագաղի: Սա գուցէ մեր հոգիներուն մէջ յառաջացած փոթորիկներն են, որոնք ստեղծուած են տակաւին հոգեվարքի մէջ գտնուող ուրուականներու` մեր բոլոր դժբախտ քաղաքացիներու, ներառեալ յոյներու եւ սուրիացիներու, իսկ հետագային` ալեւիներու եւ քիւրտերու կողմէ: Հաւանաբար, 1915 թուականէն ի վեր կոտորածները, որոնք տակաւին հաշուի չեն առնուած, եւ անոնց համար մինչեւ այսօր չվճարուած գինը այժմ տարբեր տեղերու մէջ մեր թոռներն են, որ կը վճարեն: Անիծուած ենք` խլուած, գողցուած կեանքերու, թալանուած տուներու, աւերուած եկեղեցիներու, բռնագրաւուած դպրոցներու եւ բռնազաւթուած ունեցուածքի համար… «Թող Աստուած տայ, որ այս բոլորին համար վճարես քու գալիք բոլոր սերունդներովդ»… Արդեօք մենք կը վճարե՞նք մինչեւ օրս կատարուած ամբողջ անարդարութեան գինը: Արդեօք փոխհատուցումը կը դրսեւորուի այն յօժարակամութեա՞մբ, որ չենք կրնար առ երես գալ մեր անցեալի մեղքերուն հետ,  թէ՞ այնպիսի անբարեխիղճ ձեւով, որ դարձած է մեր սովորութիւնը` անարդարութեան նկատմամբ մեր երկարատեւ հանդուրժողականութեան պատճառով: Կը թուի, թէ մեր հասարակութիւնը մէկ դարու ընթացքին քայքայուած է` թարախակալելով ամբողջ շրջապատը»:

Երբ թուրք ղեկավարները ընդունին իրենց նախնիներուն կատարած զանգուածային յանցագործութիւնները եւ հատուցում կատարեն, ինչպէս կ՛առաջարկէ փրոֆ. Աքթար, ապա միայն այն ատեն Հայաստան եւ Թուրքիա կրնան դիւանագիտական բնականոն յարաբերութիւններ հաստատել, եւ միայն ատկէ ետք է, որ այս երկու երկիրները կրնան անցեալը ետեւ ձգել: Թող Ալլահին օրհնութիւնը այս արդարամիտ թուրքին եւ անոր աստուածային արդարութեան հետապնդման վրայ ըլլայ…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Դիմաւորելով 100-ամեակը (2). Ներազգային Փտածութիւնը Եւ Մեր Սիրած Դիրքապաշտութիւնը

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Իշխանութիւնը մարդկանց կուրացնում է, եթէ մարդիկ աւելի փոքր են, քան` իրենց պաշտօնը, հարբեցնում է, եթէ աւելի տկար են, քան` իրենց պաշտօնը:

Յովհաննէս Թումանեան, 1921

Երբեմն պէտք է մտածել, առանց արտաքին ազդակներու մէջ փնտռելու մեր ներազգային դժուարութիւններն ու ձախողութիւնները: Այս կարենալ ընելու համար ճշմարիտ հոգեկան ուժ պէտք է: Յովհաննէս Թումանեանի իմաստուն խօսքը, 1921-ին գրուած նամակի մը մէջ, ստիպեց, որ պահ մը մոռնամ մեր ամէնօրեայ մտմտուքները:

Ի՞նչ կ՛ըսէ Յովհաննէս Թումանեան, ժողովուրդին հետ ապրած եւ անոր համար բաբախած ազգային ոգիի եւ իմաստութեան բանաստեղծը. «Իշխանութիւնը մարդկանց կուրացնում է, եթէ մարդիկ աւելի փոքր են, քան` իրենց պաշտօնը, հարբեցնում է, եթէ աւելի տկար են, քան իրենց պաշտօնը»: Ի հարկէ, արժանաւորներ եղած են եւ կան, բայց անոնց շուքին, երբեմն ալ` զանոնք կոխկռտող փոքրեր եւ տկարներ, որոնք եսի բաւարարման համար գիտեն ստորնութիւններու լծակները գործածել: Այս հասարակաց ընթացքը, բոլոր ժողովուրդներու պարագային, կը յառաջացնէ հաւաքականութեան եւ ժողովուրդին դժբախտութիւնը: Պատմութիւնը մեզի կտակած է անուններ` Յուդայէն մինչեւ ազգի մը ծոցէն ծնած եւ օտարին սպասարկող դաւաճանները, անցնելով մանր փառասէրներէն:

Եթէ միայն մարդիկ գիտնային, թէ ինչո՛ւ պէտք է զբաղեցնեն այս կամ այն պաշտօնը, ատա՞կ են, օգտակա՞ր են, ոչ ըստ իրենց եսին եւ փառասիրութեան, այլ` ըստ արդիւնքի, արտադրուած բարիքի: Քանի մը անգամ այս կարգի վերաբերումներու յառաջացուցած չարիքի մասին գրած եւ խօսած եմ` յիշելով Կոմիտասի դառնութիւնը: Երբ կը լսենք Յովհաննէս Թումանեան կամ Կոմիտաս, կ՛ունենա՞նք բաւարար առաքինութիւն` խորհելու համար, որ անոնք կրնա՞ն խօսած ըլլալ նաեւ մեր մասին: Այս ձեւի մտածում կ՛ըլլայ Սոկրատի կատարած հոգեմաքրումի փորձ: Նոյն ժամանակներու բովէն անցած Կոմիտաս կը լրացնէ Յովհաննէս Թումանեանի ցաւի պատկերը: Պատկեր, որ յաճախ պէտք է փռել մեր եւ հանրութեան առջեւ, նաեւ` այսօր եւ վաղը, որպէսզի ժողովրդական ողջմտութիւնը աճի եւ տարածուի: Փառասիրութիւն, փութկոտութիւն մէկ երեսէն, ապիկարութիւն, տգիտութիւն` միւս երեսէն: Իւրաքանչիւր ոք իր պաշտօնը զգեցած է իբրեւ հանդերձ, զոր մերկութիւնն մտաց ծածկի ի միամիտ աչաց: …Մեր նախնիք իրենց պաշտօնին փարած էին անձնահեղութեամբ, իսկ մենք կը յափշտակենք գործն ընչաքաղցութեամբ: Սիրտս փլած է…

Տարիները կ՛անցնին, պատմութիւնը օղակ կը փոխէ, բայց մենք կը հասնի՞նք իմաստութեան` յաղթահարելով դիրքապաշտութիւնը, մտածելով ազգի եւ մարդոց իրաւունքի մասին: Հարկ է քանի մը անգամ կարդալ Կոմիտասի դառնութեան խօսքը, եւ մտածել Յովհաննէս Թումանեանի հետ, թէ կա՞ն իշխանութեամբ կուրացածներ, իշխանութեամբ հարբեցածներ, որպէսզի իրատեսութիւնը տիրէ, առաջանորդուի ազգը, արտահանուին ազգի զաւակներու արժանիքները` փոխանակ խրելու շահախնդրութիւններու ճահիճին մէջ: Երբ հանրային կարծիքը կը սկսի խորհիլ եւ խօսիլ առաջնորդի մը անկարողութեան մասին` ժամանակը եկած պէտք է համարել նորի եւ նորարարութեան մասին, յաղթահարելով անփոխարինելութեան առասպելը, որ կը ծնի, երբ իշխանաւորը կը յաւերժանայ իր դիրքին վրայ:

Բայց այս ընելու համար իր քաջութիւնը եւ ազնուութիւնը պահած ժողովուրդ պէտք է:

Փորձ ունեցող երկիրներու օրինակին պէտք է հետեւիլ:

Ֆրանսան ունի պետական Հաշիւներու պալատ (Cour des Comptes), որ կը քննէ պետական ելեւմուտքը, ծախսերու արդարացիութիւնը եւ կը վճռէ, նոյնիսկ` կառավարութեան դէմ: Ունի նաեւ Պետական խորհուրդ (Conseil d՛Etat), որ կը քննէ որոշումներու օրինականութիւնը` կառավարութեան կամ Ազգային ժողովի եւ կը վճռէ: Մեր վերանկախացած հայրենիքը եթէ օժտուած ըլլար նման հսկողութեան եւ անկաշկանդ գործող կառոյցներով, այսօր կ՛ունենայինք աւելի արդարութիւն, աւելի մեծ վստահութիւն պետութեան հանդէպ: Ինչո՞ւ նմանօրինակ հսկողութիւն պիտի չհաստատուի հասարակական կազմակերպութիւններու պարագային, անոնք ըլլան բարեսիրական, քաղաքական, գիտական, մարզական եւ այլ, միշտ` Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

Վերականգնումը, վստահութիւնը, արդարութիւնը սունկի պէս չեն բուսնիր: Անոնք կարիք ունին արդար եւ յարգուող օրէնքներու` գործադրելի առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններ նկատի առնելու:

Ինքզինքս կրկնեմ. Պէտք է յաճախել ՄԵԾԵՐՈՒ ԴՊՐՈՑԸ եւ իմանալ: Կրկին կը գտնեմ Յովհաննէս Թումանեանը, որ 1921-ին Աւետիք Իսահակեանին ուղղուած նամակի մը մէջ կ՛ըսէ. «Մենք թէ՛ դրսից, թէ՛ ներսից քանդեցինք մեր երկիրը: Գլխաւորապէս մենք: «Մենք եմ ասում, եւ սրա մէջն է ճշմարտութիւնը: Մի մասը խաչագող սրիկաներ, մի մասը գողեր ու աւազակներ, մի մասը` ապիկար թշուառականներ, եւ չերեւաց մի բազմութիւն, գոնէ մի խմբակ, որ վերածնուող երկրի շունչն ու բարոյական կարողութիւնը յայտնաբերէր: Էսքան աղէտների ու պարտութիւնների մէջ ոչ մի մեղաւոր չերեւաց, ոչ ոք պատասխանի կանչուեց, ոչ պատասխան տուեց: Եւ շարունակւում է… Եւ ոչ մէկը գոնէ անձնասպան չեղաւ, որ ապացուցանէր, թէ գոնէ ամօթ ու խղճմտանք կայ էս մարդկանց մէջ կամ էս ժողովրդի մէջ: Բայց ես ի՞նչ եմ ասում – չկարողացան գոնէ վշտանալ կամ վշտացած երեւալ»:

Եթէ երգիծագիր մը Յովհաննէս Թումանեանի խօսքերը իւրացնելով առասպել հիւսէր եւ անուններ հնարէր ու յիշէր, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), զանգուածները ըսուածը որպէս իրականութիւն պիտի ընդունէին:

Ոչ ոք պատասխանատուութեան կը կանչուի:

Զբօսաշրջութեամբ, բարեսիրութեամբ եւ պատկեր-շքանշանով այնքա՜ն ընդարմացած ենք, որ այլեւս չենք անհանգստանար:

Այսօր ալ դիրքապաշտական, փառասիրական, փտածութեան եւ անորակի մասին խօսողներ կան, բայց անոնք, ինչպէս միշտ, մաս չեն կազմեր որոշում կայացնողներու եւ առաջնորդողներու շրջանակին:

Մեր անմիջական ժամանակակից գրողներէն Ալիս Յովհաննիսեանը 2017-ին լոյս տեսած իր «Լենինական, Կումայրի, Գիւմրի» գիրքին մէջ, երկրաշարժի աղէտի խորքի պաստառին վրայ կը գրէ հետեւեալը. «Մէկին անծայր վշտից դուրս բերելու հնարներ մարդը միշտ կարող է գտնել, եթէ փորձի: Իւրաքանչիւրին պէտք է զբաղեցնել` ըստ իր հակումների, նախասիրութիւնների. աշխատասէրին աշխատանք տալ, բնածին լիտերին աշխատանք կազմակերպելու հնարաւորութիւն: Թուում է` ամենադժուարը բնածին անբանի համար զբաղմունք գտնելն է, բայց Հայաստանում մարդու այդ տեսակը հեշտութեամբ է տեղ գտնում, տեղաւորւում է բոլոր այն աթոռներին, որոնց վրայ նստելու համար խելացի, բանիմաց մարդիկ դեռ տատանւում են, լրացուցիչ հիմնաւոր գիտելիքներ ձեռք բերած չլինելով` դեռ յապաղում են: Եւ ժամանակը աշխատում յօգուտ մակերեսում լողացողների…»։ Ալիս Յովհաննիսեանը կը խօսի իր անմիջական տեսածի մասին, մինչդեռ կարելի է ընդհանրացնել եւ խօսիլ համայն հայութեան մասին, նաեւ` սփիւռք(ներ)ի մասին:

Յովհաննէս Թումանեան կ՛ըսէ. «Չերեւաց մի բազմութիւն, գոնէ մի խմբակ, որ վերածնուող երկրի շունչն ու բարոյական կարողութիւնը յայտնաբերէր»:

Աւելցնենք, որ երկրի հետ ազգի շունչն ու բարոյական կարողութիւնը յայտնաբերէր…

Եթէ Յովհաննէս Թումանեան ապրէր, ի՞նչ կը կարծէք որ պիտի ըսէր:

Այսօրուան եւ վաղուան համար` հարցում էր:

Եթէ հարցնէր, ի՞նչ պիտի ըսէինք:

 

4 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան

Անդրադարձ. Կեղծաւորութիւնն Ու Աֆրինի Զենումը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած Միջազգային դաշինքը երեքշաբթի, 16 յունուարին յայտարարեց. «Աֆրինը մեր գործողութիւններու շրջագիծին մէջ չէ»: Այդպիսով, թրքական բանակին տալով Աֆրինի դէմ իր յարձակումը շղթայազերծելու «կանաչ լոյս»-ը: Երկու օր ետք, սակայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց Թուրքիան` նշելով. «Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղենք` կեդրոնանալու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին վրայ եւ Աֆրինի դէմ յարձակում չգործելու»: Ուաշինկթընի կատարածը պարզ ու յստակ կեղծաւորութիւն է: Յստակ է, թէ թրքական բանակին Աֆրին մուտք գործելը պիտի չունենայ զինուորական, իմա՛` գործնական ու իմաստալից հետեւանքներ` ամերիկեան բանակը ՕԹԱՆ-ի իր հին զինակիցը հարուածելով պիտի չպաշտպանէ իր նոր ու ժամանակաւոր զինակիցները` քիւրտերը:

Թրքական իշխանութիւնները բնականաբար ականջ տուին միայն առաջին պատգամին եւ ամերիկեան բանակին միջամտութեան վտանգի չԷզոքացումէն ետք ուղղուեցան Մոսկուա` այդտեղ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ նոյն հարցով «խորհրդակցելու» եւ Մոսկուայէն եւս ստանալու «Կանաչ լոյս»-ը, որ չուշացաւ. ռուս զինուորները հեռացան Աֆրինէն: Թրքական բանակի յարձակումին շղթայազերծումէն ետք, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ մտահոգ է այդ գործողութեամբ եւ կոչ ուղղեց ինքնազսպումի: Մոսկուայի կատարածը եւս Ուաշինկթընի նման կեղծաւորութիւն մըն է:

Նախքան թրքական յարձակումին շղթայազերծումը, սուրիական կողմը սպառնաց վար առնել Աֆրինի դէմ յարձակում գործող թրքական պատերազմական օդանաւերն ու ուղղաթիռները: Թրքական ռմբաձիգները արդէն անկաշկանդ յարձակումներ կը գործեն Աֆրինի մէջ գտնուող քրտական դիրքերուն դէմ: Մոսկուա վստահաբար Դամասկոսի կատարած սպառնալիքը օգտագործած է Անգարայի հետ բանակցութեան ընթացքին իր դիրքը ամրապնդելու եւ թրքական կողմէն զիջումներ ապահովելու համար: Ռուսիոյ նախագահի Սուրիոյ հարցով պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ կիրակի, 21 յունուարին յայտարարեց, որ իր երկիրը շաբաթ օր Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է այս ամիս Սոչիի մէջ միջսուրիական խորհրդաժողովի մասնակիցներու ցանկին շուրջ: Այլ խօսքով` Աֆրինն ու անոր բնակչութիւնը կը զոհաբերուին նշեալ խորհրդաժողովի թէական յաջողութեան համար: Դամասկոս իր կարգին այն յոյսը ունի, որ Աֆրինի ողբերգութիւնը քիւրտերը մղէ իրեն հետ համաձայնութիւն գոյացնելու:

Քիւրտերը այն գնդակն են, որուն խփելով մեծ տէրութիւնները կը փորձեն իրարու դէմ կոլ նշանակել կամ առնուազն շահեր ապահովել: Քիւրտերը չյաջողեցան վերածուիլ խաղացողի մը եւ մնացին «գնդակ»-ի կարգավիճակին մէջ: Աֆրինի քիւրտերուն դժբախտութիւնը այն է, որ ռուսերուն եւ ամերիկացիներուն շահերը համընկնեցան, իրենք մնացին մերկ` առանց որեւէ ծածկոյթի: Աֆրինի ողբերգութիւնը այն օրինակն է, որմէ դաս պէտք է առնեն Սուրիոյ այլ շրջաններուն մէջ գտնուող քիւրտերը, որոնց ողբերգութիւնը ի տես իրենց եղբայրներու զենումին ձեռնակապ ականատեսի կարգավիճակին դատապարտուած ըլլալն է:

 

 

 


Ուխտի Ճանապարհներ . Պետրոս Դուրեանի Շիրիմը

$
0
0

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Քառասուն տարի առաջ, ամառնային երկարատեւ զբօսաշրջութեան վերջին շաբաթը կնոջս հետ Պոլիս էինք` մեր երազած «Հայկական Պոլիս»-ը այցելելու: «Թաքսիմ» մայր հրապարակի պանդոկները խճողուած գտնելով` մօտակայքը ընտրեցինք: Նախապէս կայացուցած մեր որոշման համաձայն, առաջին հերթին Սկիւտար եղանք: Թաղամասի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ աղօթելէն ետք ուղղուեցանք տեղւոյն Պաղլարպաշրի գերեզմանատունը` տեսնելու համար արեւմտահայ քերթողութեան բազմատաղանդներէն` Պետրոս Դուրեանի շիրիմը:

Դեռ պատանեկութենէս սիրահարած էի իր բանաստեղծութիւններուն, որոնցմէ շատերը գոց սորված էի:  Ըստ իս, անձնական ապրումներու երգիչ է Դուրեան: Իր մէջ կ՛արտացոլան ներքին, մտերիմ զգացումներ, բայց մանաւանդ` վիշտ, թախիծ, կարօտ, սէր, մորմոք: Ասոնց վրայ աւելցնենք` բողոք ու անէծք: Իր գործին մէջ Դուրեան դրած է հոգեկան մթնոլորտ մը, որ հարազատ է իր խառնուածքին: Այդպէս, ան բացառութիւն է մեր բանաստեղծութեան մէջ:

Ինծի կը թուի, որ արուեստագէտ ըլլալու համար բաւական չէ կարենալ յուզուիլ, հարկ է նաեւ յուզուիլ գիտնալ, այսինքն գտնել կերպը` ուրիշին փոխանցելու յուզումը:

Դուրեանի մէջ վիշտը կարծես բռնի մտած է, հակառակ իր կամքին ու բնոյթին: Ան ամրօրէն կառչած ըլլալով հանդերձ կեանքին, կը զգայ սակայն, որ հողը կ՛երերայ իր ոտքին տակ, եւ արեւն ու լուսինը կը պլպլան գլխուն վերեւ: Աւելի շատ կրակ կայ Դուրեանի հոգիին մէջ, քան` մոխիր, աւելի շատ բոց կայ, քան` ծուխ: Բողոք մըն է իր վիշտը:

Դուրեանի սէրը մելամաղձոտութեամբ լեցուն դժգոհանք է, հոգեկան պոռթկում, ներքին հրկիզում, բո՛ց, որ կ՛այրէ, բա՛ն մը, որ կը մղէ զինք լալու եւ միաժամանակ լացնելու: Իր սիրտը արիւնող սիրտ մըն է, որուն վէրքերը սպի չունին: Գերեզմանը ամէն տեղ է, ու ան` ամէն բանի մէջ:

Գերեզմանատան մէջ հետաքրքրութեամբ մօտենալով հէք քերթողի շիրմասիւնին, ետեւի կողմը քանդակուած գտանք բանաստեղծի «Իմ մահը» քերթուածին վերջին քառեակը, 1898-ին, եղբօրը` Եղիշէ արք. Դուրեանի կողմէ: Տեղեկացանք, որ  ձախին թաղուած էր իր մայրը` տիրամայր Արուսեակ Դուրեանը, եւ որ`  1950-ականներու աւարտին գերեզմանատան մէկ մասը կը գրաւուի պետութեան կողմէ` պողոտան ընդլայնելու նպատակով, որուն պատճառով առաջին շարքին գտնուող Դուրեանի եւ տիրամօր շիրիմները այստեղ տեղափոխուած են:

Վերջերս կարդացի «Եռագոյն» արեւմտահայերէն լրատուական կայքի մէջ Սեւան Տէյիրմենճեանի խորիմաստ արձանագրածը, որ Պետրոս Դուրեանի շիրիմը ո՛չ միայն մեր այս արդի ժամանակներու ուխտավայր մըն է, ո՛չ միայն վաղուց կորուսեալ անցեալէն մասունքի մը վերաբերումին արժանացած է, այլ բոլո՛ր հայերուն համար եղած է այցելավայր մը` շատ հին ժամանակէ սկսեալ:

 

 

 

Լուսածագը Սպասողներուն Երթը Դէպի «Էրկիր»

$
0
0

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Անուանի երգահան Զիւլֆիւ Լիվանելի իր խորիմաստ երգերէն մէկուն մէջ կը յիշէր «Ծնած տեղը մահացողներ»-ը: Ան պատկերալից նկարագրումով մը անցորդներու տեսանկիւնէն կը դիտէր բոլոր այն մարդիկը, որոնք ի տարբերութիւն ճամբորդողներու` միշտ հոն կը մնան: Ճամբորդը հանրաշարժի լուսամուտէն կը դիտէ զիրենք, որոնք քիչ յետոյ առյաւէտ դուրս պիտի գան իր հետաքրքրութեան դաշտէն, բայց պիտի շարունակեն հոն մնալ: Հոն պիտի մնան, շատ անգամ` ճամբեզրի սրճարանի մը փայտեայ աթոռներուն վրայ: Օրուան մէջ իրենց գիւղի միջով անցնող, նոյնիսկ երբեմն կարճատեւ դադարի մը համար կանգ առնող յաջորդ, յաջորդ եւ անվերջանալիօրէն յաջորդ հանրաշարժները, անոնց ճամբորդները պիտի դիտեն նոյն անփութութեամբ:

Կարծես` մարդու տեսակի երկու հակասական տիպարներ ըլլան տեղ հասնելու համար յաճախ ժամացոյցի սլաքին հետեւողները եւ օրը հետզհետէ կեանքը աւարտին բերելու համար միապաղաղ կերպով արեգակի մայրամուտը սպասողները:

Յատկապէս վերջին տարիներուն, թէ՛ պայմաններու եւ թէ՛ նախասիրութիւններու բերմամբ, մենք մաս կազմեցինք ժամանակի արագ վազքին հետեւող առաջին խմբակին: Օր եղաւ` երկաթեայ թռչունի թեւերով հատեցինք բազմահազար մղոններու հեռաւորութիւններ, օր եղաւ` գերարդիաշունչ հանրաշարժի մը հանգստաւէտ նստարաններուն վրայ մրափեցինք` շարժակի խլրտիւնը օրօրի վերածելով:

Սակայն այդ նոյն վերջին տարիներուն կատարած մեր բոլոր ճամբորդութիւնները մեզ կը տանին դէպի անցեալ: Ճանապարհորդութեան նպատակը որոշիչ չէ այս արդիւնքին մէջ: Ընկերներով ճամբայ ելած ենք դէպի նախկին յունաբնակ Իմրոզկղզի երթալու, բայց տեսնելով յունաց երբեմնի շէն, իսկ այսօրուան աւերակ գիւղերը, փլատակ դարձած տուները` մատնուած ենք տառապանքներու:

Պատճառները որքան ալ տարբեր ըլլան, իւրաքանչիւր ճամբորդութիւն նոր հանդիպումներու, նոր ծանօթութիւններու, բարեկամութիւններու կողքին կը բերէ նոր թախիծներ, նոր հիասթափութիւններ, յուսալքութիւններ:

Այս անգամ այդ բոլորը միասնաբար եւ լի ու լի կ՛ապրինք, քանի որ մեր կողմնացոյցի սլաքը կանգ առած է Արեւմտեան Հայաստանի վրայ:

Գիտեմ, որ «Արեւմտեան Հայաստան» անուանումը ինչ տեսակ պաղ ցնցուղի ազդեցութիւն կ՛ունենայ մեր ապրած երկրին մէջ: Այստեղ պետական միտքը հանդուրժողութիւն չունի` բաները իրենց հարազատ անունով լսելու: Պետական միտքը իր քաղաքական հաշիւներով անպատասխանատու կերպով իրաւունք ունի տեղանունները խեղաթիւրելու, օրինակի համար, «Հայաստան»-ի փոխարէն` «Արեւելեան Անատոլիայի շրջան», կամ Քիւրտիստանի, Իրաքեան Քիւրտիստանի ինքնավար մարզի փոխարէն` «Հարաւարեւելեան Անատոլիայի շրջան», «Հիւսիսային Իրաքի շրջանային վարչութիւն» ըսելու: Անին դիւրաւ կը վերածուի «Անը»-ի կամ «Աղթամար»-ը «Աքտամար»-ի: Այս անխիղճ փոփոխութիւնները կատարող մտայնութիւնը իր ըրած սխալը չ՛ընդունիր, կատարուած քննադատութիւններուն կ՛առարկէ` «Չհասկցայ, երկրի մը մշակոյթի նախարարը տեղանուն մը փոխելո՞ւ ալ իրաւունք չունի» ըսելով:

Իսկ մենք Արեւմտեան Հայաստան կամ Կիլիկիա ըսելով` պատմական ճշմարտութիւն մըն է, որ կ՛արտայայտենք: Թուրքիոյ պետական միտքը չէ հաշտուած այն իրողութեան հետ, որ ֆիզիքական կամ քաղաքական քարտէսներու կողքին, կայ նաեւ «պատմութեան քարտէս» սահմանումը: Անհանդուրժողութիւնը հասաւ այն սահմանին, ուր 1980-ական տարիներու զինուորական կառավարութեան օրերուն օտար տպագրութիւն պատմութեան քարտէսները կամ հանրագիտարանները արգիլուեցան պարզապէս այդ անընդունելի «Հայաստան» եւ «Քիւրտիստան» անունները իրենց էջերուն վրայ նշած ըլլալնուն պատճառով:

Պահու թելադրած խորհուրդները բոլորովին տարբեր են սակայն: Երբ հայը ոտք կը դնէ Հայաստանի հողին, որ նաեւ կարելի է կոչել` «տուն», «պապենական էրկիր», «սեփական հող», «կորուսեալ հայրենիք» եւ դեռ` բազում եզրերով,  այդ հողը կը թելադրէ իր խորհուրդները:

Այս անգամ շատ իւրայատուկ խումբի մը ընկերակցութեամբ կը շրջինք էրկիրը: Միջին տարիքի այրերէ ու կիներէ բաղկացած խումբ մըն է այս: Մեծ մասով մոսկուաբնակ հայեր են, որոնց մէջ կայ նաեւ երկու ռուս: Խումբի ղեկավարը լեռնագնաց մըն է, որ բազում անգամներ մագլցած է Արարատի գագաթը: Այդ արշաւներուն միջոցով ունեցած է բազմաթիւ ծանօթներ այս շրջակայքի քաղաքներուն մէջ:

22 սեպտեմբերին խումբին Պոլսոյ օդակայան ժամանումով սկսաւ մի շաբաթանի շրջագայութիւնը: Պոլիս-Վան չուերթով հասանք Վասպուրական: Հայրենի հողին ոտք դրած պահուն մեր բարեկամներու հոգեբանութիւնը մատնուեցաւ խիստ հայկական յուզումներու: Իրենց համար դժուար զանազանելի եզրեր են` պետութիւնը, ազգութիւնը, ժողովուրդը, մեծամասնութեան մէջ փոքրամասնութիւն ըլլալը: «Եթէ քաղաքի բնակչութիւնը ամբողջովին քիւրտերէ կը բաղկանայ, հապա ինչո՞ւ ամէն տեղ թրքական դրօշակ կը ծածանի», կը հարցնէին: Չէին կրնար ըմբռնել, որ քիւրտ երեխաներու յաճախած դպրոցին մէջ ինչո՞ւ քրտերէն չեն ուսուցաներ: Իսկապէս ալ, հակառակ իրենց պարզութեան, դժուար պատասխանելի հարցումներ են այս բոլորը: Կան աւելի բարդ խնդիրներ եւս: Մերօրեայ հայը միամտաբար կը կարծէ, որ Վանը մերն էր եւ ձեռքերնէս խլեցին: Մինչ մենք մեր բնակած քաղաքներու իշխանութիւնը ոչ թէ հարիւր տարի, այլ դարեր առաջ կորսնցուցած ենք: Ճիշդ է` իբրեւ հայ կ՛ապրէինք Հայաստանի մէջ, բայց մեր այդ Հայաստանը ինկած էր նախ հռոմէացիներու, ապա սելճուկեան եւ օսմանեան թուրքերու լուծին տակ: Սակայն այս բոլորը անշուշտ որ չեն արդարացներ հայ ժողովուրդի մատնուած հայրենազրկութիւնը: Ուրեմն հանդիպման պահէն սկսելով` յաճախ մեր նոր բարեկամներուն հետ զրուցեցինք այս ու նման թեմաներով:

Բայց ի՞նչ թեմա, ի՞նչ զրոյց, երբ Կեւաշի նաւամատոյցէն մեկնող նաւը կը մօտենայ Աղթամարի կղզիին եւ կը յստականայ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ կերպարը: Բոլորս մատնուած ենք մեր ներաշխարհի խոհերուն: Կը յիշեմ ընկերոջս` Սեզարին արտայայտած զգացումը: Կարծես` եկեղեցին ինծի հետ կը խօսէր` «Հոս եմ, քու գալուստդ կը սպասեմ, ինչո՞ւ համար այսքան ուշացար», կը հարցնէր եկեղեցին, կը պատմէր Սեզար: Հիմնադիրներէն եղած իր «Քնար» երաժշտական խումբի Տիգրանակերտի համերգէն ետք այցելած էին Աղթամար: Այսօր այդ սիրելի խումբը գոյութիւն չունի, եւ իր կազմէն երկու սիրելի դէմքեր ալ վերածուեցան քաղցր յիշատակի:

Այս անգամ մենք ենք, որ կ՛ապրինք սիրելի Սեզարին զգացումները: Բայց գոհունակութիւն մըն ալ կ՛ապրինք նոյն պահուն: Հոգ չէ թէ` ուշացած, բայց եկած ենք վերջապէս: Իսկ տեղւոյն վրայ մեր հանդիպած տեղացիները, նաւավարը օրինակ, կամ պահակը, կղզիի սրճարանի մատուցողները` բոլորն ալ ընդվզում կը յայտնեն Սուրբ Խաչի տաղաւարին հոգեւորականի մը բացակայութեան համար: «Այդ օր ահագին ժողովուրդ եկած էր` յուսալով, որ պատարագ պիտի մատուցուի, բայց պատրիարքարանը քահանայ մը իսկ չէր ուղարկած», կ՛ըսէին: Այդ բացթողումին մասին ես շատերու հետ կրնամ խօսիլ, բայց ոչ՝ այլազգի սրտցաւ այս պահակին, նաւավարին կամ սրճարանի մատուցողին հետ:

Աղթամար կղզիի մեր ուխտը կատարեցինք Վանայ ծովու մէջ լողալով:

Խճողուած օրակարգը կը պարտադրէր շտապել: Կեւաշի նաւամատոյցին դիմաց Իպրահիմի ճաշարանին մէջ Վանայ լիճի տառեխը համտեսելով` ուղղուեցանք դէպի Վարագայ վանք: Բաւական մագլցեցանք Վարագայ սարն ի վեր եւ հասանք մեզի համար Աղթամարի համազօր արժէք ունեցող այս պատմական եկեղեցին: Եկեղեցական աստիճանակարգով Աղթամար եղած է կաթողիկոսական կեդրոն, իսկ սարի վրայ այս եկեղեցւոյ մէջ ալ գործած է հայ ժողովուրդի սիրելի հայրիկը` Մկրտիչ Վանեցին: Ակամայ կը տարուինք խորհելու, որ մենք արդի եւ հանգստաւէտ ինքնաշարժով այսքան դժուարացանք վանք հասնելու, հապա ինք ինչպէ՞ս յաջողած էր տպարանի մը ահագին ծանր սարքերը հոս փոխադրել եւ հրատարակել «Արծուի Վասպուրականի» թերթը: Վարագայ վանքի խոնարհած եւ անմխիթար վիճակը կը յուզէ բոլորը: Առաջին հերթին եկեղեցւոյ գմբէթը շտապ միջամտութեան կը կարօտի ապագային` մօտ ապագային գոյանալիք ծանր վնասները կանխելու համար: Բայց ինչպէ՞ս միջամտել ուրիշին սեփական տարածքին վրայ գտնուող շինութեան: Տարիներ առաջ այդ հողատարածքի, հետեւաբար եկեղեցւոյ այսօրուան տէրը` լրագրող Ֆաթիհ Ալթայլը յայտարարած էր, որ ինք պատրաստ է այդ տարածքը հայ ժողովուրդին վերադարձնելու, բայց չէր գիտեր, թէ որո՛ւ պէտք է յանձնէ: Սկսելով անպատասխան մնացած այդ հարցումը յստակացնելէ` պատրիարքարան, իրաւաբաններ, ճարտարապետներ, ճարտարագէտներ, պոլսահայ համայնքի հաստատութիւններ, յատկապէս խնդիրները տեսնելու եւ լուծումները ձեւաւորելու իր մեծ ունակութեամբ «Հրանդ Տինք հիմնարկ» եւ տակաւին Հայաստանի Հանրապետութեան կարգ մը կառոյցներ` պարտական ենք Խրիմեան Հայրիկի յուշերով լեցուն Վարագայ վանքին:

Յոգնութիւնը արգելք չէ, որ այցելենք Վան քաղաքի պատմական բերդը, Երեւանի հիմնադիր ուրարտացւոց Արգիշտի թագաւորին գերեզմանը, դիտենք երբեմնի հայոց թաղի` Այգեստանի յատակագիծը: Ինչպէս Աղթամարի վրայ, այստեղ եւս կը հանդիպինք սփիւռքահայ խումբերու, որոնց մէջ ուրախութեամբ կը նկատենք ծանօթ դէմքեր` մեր նախապէս Լիբանան կամ Յունաստան կատարած այցելութիւններէն եկող բարեկամներ: Օրը կ՛աւարտենք Մհերի դուռը տեսնելով: Համբարձում չէ, որ մինչեւ լուսաբաց սպասենք այդ դրան դիմաց, յուսալով, որ պահ մը դուռը պիտի բացուի, եւ մենք` այդ պահուն ականատես եղողներս, պիտի արժանանանք մեր իղձերու իրականացման: Հետեւաբար կը նախընտրենք վերադառնալ հիւրանոց` այս տողերը մրոտելու եւ յաջորդ օր դէպի Կարս մեկնելու համար:

Յաջորդ թիւերով կը կիսենք Անիի աւերակներուն դիմաց մեր մատնուած յուզումները եւ աւելին:

pakrates@yahoo.com

Հպարտ Եմ, Որ Հայ Եմ (Ա.)

$
0
0

Հաւաքեց` ՊԵՏԻԿ

Այո՛, ամէն հայ պէտք է հպարտ ըլլայ իր ազգութեամբ, մանաւանդ երբ գիտութեան եւ արուեստի բնագաւառներուն մէջ միջազգային համբաւ վայելող դէմքեր այսօր կը յայտարարեն, որ երկար ցուցակ մը կազմող հայեր իրենց գործերով եւ գիւտերով մարդուն կեանքը աւելի հեզասահ ու հաճելի դարձուցած են: Անվիճելի իրականութիւն է, որ գիտութեան եւ արուեստի աշխարհներուն մէջ անպայման կը հանդիպիս մեծանուն հայերու:

Կարդացէք առաջին ցուցակը.

1.- Ստեփան Ստեփանեան Միացեալ Նահանգներու շինարարական աշխարհին մէջ մեծ յեղաշրջում յառաջ բերած է իր սարքած պեթոն շաղող բեռնակառքերով, որ այսօր կը տեսնենք մեր շուրջը: Ան Օհայօ նահանգ հաստատուած է 1906-ին ու հիմնած` երկու մեծ շինարարական ընկերութիւններ, որոնց աշխատանքը դիւրացնելու համար Ստեփանեան հասած է պատրաստ շաղախ փոխադրող կառքերու գիւղին:

2.- Կիներն ու վարսայարդարները երախտապարտ են Գաբրիէլ Գազանճեանին, որ 1911-ին հնարած է տաք ու պաղ օդի հոսանք յառաջացնող մազի փոքր սեշուարները:

Քրիստափոր Տէր Սերոբեան

3.- Քրիստափոր Տէր Սերոբեան պոլսահայ գիտնականը 1854-ին հրաւիրուած է Ամերիկա` փրկելու համար տոլարը հնարագէտ զեղծարարներէն: Ան գտած է «green zveta» կանաչ գոյնի բարդ բաղադրութիւնը, որ կարելի չէ կեղծել: Այս գիւտին համար ան ստացած է 6000 տոլար…

Լուտեր Սիմճեան

4.- Լուտեր Սիմճեան` հայրը աւելի քան 200 արձանագրուած գիւտերու, գիւտարարն է դրամատուներու մուտքին զետեղուած այն դրամարկղերուն, որոնք կը կարդան մեր անձնական քարտերը, կը ճշդեն պահանջուած գումարին գոյութիւնը եւ կը հրամցնեն մեզի այդ գումարը` գիշեր թէ ցերեկ, դրամատան փակ կամ բաց ժամերուն: Ասիկա ATM կոչուած սարքն է: Ան ծնած է Այնթապ, 1905-ին ու ապրած Ամերիկա` մինչեւ 1997-ը: Անոր գիւտին համար երախտապարտ է ամբողջ աշխարհը:

Միշէլ Տէր Պօղոսեան

5.- Բժշկութեան աշխարհին մէջ ծանր հիւանդներու ճշգրիտ ուղեղային ախտաճանաչումը դիւրացնող PET Scan-ի գիւտը կը պարտինք Միշէլ Տէր Պօղոսեանին, որ ապրած եւ գործած է Ամերիկայի մէջ ու մահացած` 19 յունիս 1996-ին:

 

Մուսա Լերան Երիտասարդ Թեւի Ձմեռ Պապին

$
0
0

ԼԱԼԷ ԱՆՏՈՆԵԱՆ

Արդեօք արեան կա՞նչն էր պատճառը Հայաստան հաստատուելուս: Մաս կազմեցի Մուսա Լեռ հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւին եւ առաջին անգամ մասնակցեցայ Երեւանի միջազգային կանանց միութեան կազմակերպած ծննդեան տօնավաճառին` վաճառելով մուսալեռցի տիկիններու պատրաստած անուշեղէնները:

Նոր տարին կը մօտենար, Մուսա Լերան միութեան երիտասարդական թեւը պատրաստութիւններ կը տեսնէ` այցելելու Հայաստանի հինգ գիւղերու մանկապարտէզներ, Ձմեռ պապիի եւ Ձիւնանուշի հետ նուէրներ բաժնելու:

Ծնողներէս լսեր էի, որ եօթանասունական թուականներուն Այնճարի մէջ Կաղանդ պապան ուղղաթիռով եկած էր, որ մինչեւ օրս կը յիշուի: Այդ Կաղանդ պապան եղբայր Գաբրիէլն էր, այսօր նոյն այդ Կաղանդ պապան Հայաստանի գիւղերուն մէջ կը շրջի` դառնալով Ձմեռ պապի եւ Գաբրիէլ Ամօ:

Սենեակը լեցուած էր նուէրներով, Վարագը, Վարանդը, Կարէնը, Աստղիկը, Գաբրիէլ Ամոն եւ ես ձեռքէ ձեռք տոպրակները կը փոխանցէինք` իւրաքանչիւրս մեր բաժինը աւելցնելով տոպրակին մէջ. տաքուկ էր մթնոլորտը ու տօնական, կը յիշէինք մեր մանկութիւնը, թէ ինչպէ՛ս անհամբեր կը սպասէինք Կաղանդ պապայի այցելութեան դպրոցներէն ներս, ինչպէ՛ս նաեւ Կաղանդի գիշերը` մեր հարազատներու տուներուն մէջ:

Կիրակի առաւօտ Մուսա Լեռ երիտասարդութեան Ձմեռ պապին պատրաստ էր մեկնելու տարբեր մարզերու մանկապարտէզներ` ուրախացնելու երեխաները: Ինքնաշարժներու մէջ տեղաւորուած` յառաջացանք դէպի Արարատեան դաշտ: Պղտոր, մշուշապատ ուղիներով հասանք առաջին գիւղը` Հովտաշէն. լուռ էր ամէնուրեք, սառած բոյսերն ու տերեւները մեզի կ՛ուղեկցէին տխուր, սակայն`  գեղեցիկ եղանակով: Հասանք մանկապարտէզ. մեզ դիմաւորեցին ուսուցչուհիները, որոնց դէմքերը փայլուն էին եւ ուրախ, ինչպէս` գարնան ծաղիկներ. «Ձմեռ պապին էստեղ է՜», կը բացագանչէին բոլորը:

Միւս երիտասարդներուն հետ ես ալ աճապարանքով մեր պատրաստած տոպրակները կը պատրաստուէի ներս մտցնելու: Ուրախ էր մթնոլորտը լսարանին մէջ… այդպէս կը թուէր ականջիս…

Ու ահա անցայ լսարան, տոպրակս դրի գետին, հայեացքս ուղղեցի փոքրիկներու դէմքերուն եւ յանկարծ տիրեց լռութիւն: Փոքրիկները Ձիւնանուշին հետ միասին կ՛երգէին, Ձմեռ պապին կը պարէր, սակայն ես ապշած, խլացած կը դիտէի մանուկները, անոնց անմեղ, փայլուն աչուկներն ու անկեղծ հոգիները արեւու ճառագայթներու նման կը շողշողային. այդ պահուն աչքէս սահեցաւ կաթիլ մը արցունք. կաթիլ մը արցունք, որուն մէջ կը թափանցէր ցաւի ու տխրութեան պատկեր մը, որ սակայն տեսանելի չէր մեզի այդ վայրկեաններուն. ցնծութիւն կար հոն, ուրախ մանուկներ կային հոն… Եւ այսպէս, շարունակելով մեր պտոյտը, այցելեցինք չորս գիւղ եւս, տեսանք փոքրիկներու միամիտ հաւատքը, ինչպէս նաեւ` քանի մը երեխաներու վախն ու սարսափը Ձմեռ պապիէն, զգացինք ջերմ ընդունելութիւնը ուսուցիչներուն:

Հազա՛ր փառք` մեր բարերարներու աջակցութեան, որոնց շնորհիւ մենք կրցանք ժպիտներ գծել մեր հայ մանուկներու դէմքերուն:

Սիրտս լեցուած էր տարբեր զգացումներով, չափազանց ուրախ էի, բայց նաեւ` տխուր. կը մտածէի` արդեօք մեր բարերարներուն ձգած ժպիտը մանուկներու հոգիներուն` զանոնք ուրախ պիտի պահէ՞ր մինչեւ յաջորդ բարերարի մը այցը:

 

 

 

ԼՕԽ-ի Օրացոյցը` Արժէքներու Պահպանման Նմուշ Մը

$
0
0

ՍԱԼԲԻ ԱՆՆԱՅԵԱՆ

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, արդէն իսկ լոյս տեսաւ եւ մեր տուներուն մէջ է 2018 տարուան օրացոյցը:

Այս տարուան օրացոյցին հիմնական նպատակն է  մեր նախնիներուն կողմէ մեզի փոխանցուած ազգային նաշխերը 365 օր մեր ուշադրութեան կեդրոնը դարձնել եւ փոխանցել զանոնք յաջորդ սերունդներուն:

Օրացոյցը մեզ վերադարձնելով մեր արմատներուն, մեր տատիկներուն սուրբ ձեռքերով գործուած նուրբ ձեռագործներուն` մեր ժողովուրդը հաղորդակից դարձուց հայու մաքրամաքուր ոգիին: Մինչ մերօրեայ օտարաբոյր սովորութիւնները կը վտանգեն մեր ազգային դիմագիծը, նման արժէքաւոր օրացոյց մը հաստատ քայլերով մուտք գործեց մեր տուներէն ներս, եւ մենք զայն թագադրեցինք իբրեւ գաղութի ողողուած այլազան արուեստի գործերուն «թագուհի»-ն, ոչ թէ ըսելու համար` «հայկական է` պատուական է», այլ այն, որ պատուական է` հայկական է:

Լուսանցքային ներկայութիւն մը պիտի չդառնայ այս օրացոյցը մեր բնակարաններուն մէջ, այլ` տիրական, որովհետեւ ան մեզ կը ներշնչէ հայկական ոգեղէնութիւն` մեզի փոխադրելով Մարաշ, Զէյթուն, Ուրֆա եւ Վան:

Հայկական մշակոյթը սիւնն է հայ տան, եւ աւելի՛ն, գեղարուեստական գործեր արտադրելէն աւելի, բարձր արուեստ է գնահատող հոգիներ կազմել եւ, անշուշտ, անձնական փորձառութենէ մղուած, կ’ըսեմ, որ մեծ է թիւը սոյն օրացոյցը գնահատողներուն, որոնք նոյնիսկ փափաքեցան շրջանակի մէջ զետեղելով` մնայուն ներկայութիւն դարձնել զայն իրենց բնակարաններուն մէջ:

Վարձքը կատա՛ր ԼՕԽ-ի քարոզչական յանձնախումբին, որ նախաձեռնութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կը կատարէ ԼՕԽ-ի առաքելութեան քարոզչութիւնը:

Բարի՛ տարի բոլորիս:

 

Viewing all 12097 articles
Browse latest View live