Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12135 articles
Browse latest View live

Արդարութեան Պահանջը` Ինտիանա Նահանգի Օրինակով

$
0
0

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Շնորհիւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի (ԱՀԴՅ) հետեւողական եւ ժրաջան աշխատանքներուն` Ամերիկահայութիւնը քաղաքական կարեւոր նուաճում մը արձանագրեց նոյեմբեր 6-ին, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ինտիանա նահանգը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Այս առիթով, Ինտիանայի նահանգապետ Էրիք Հոլքոմը յատուկ հռչակագրով մը հաստատեց մէկ ու կէս միլիոն հայերու, ինչպէս նաեւ աւելի քան մէկ միլիոն յոյներու, ասորիներու եւ սիրիանիներու դէմ օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան փաստը:

Միաժամանակ, հռչակագիրը շեշտեց Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ այլ ցեղասպանութեանց ճանաչումը, մշտական յիշեցումը եւ ուսուցումը, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանել պատմական յիշողութիւնը եւ կանխարգիլել ատելութեան ու բռնակալութեան ոճրարարքներու կրկնութիւնը: Առ այդ, մեկնակէտ ունենալով այս առաջադրանքները, նահանգապետ Հոլքոմը նոյեմբեր 6-12-ի շաբաթը հռչակեց «Հայաստանի իրազեկման շաբաթ»:

Հայասպանութիւնը ընդունող Ինտիանա նահանգի այս հռչակագիրը, իր ձեւով եւ բովանդակութեամբ, սոսկ ճանաչման յայտարարութեան մը սահմաններէն անդին կ՛երթայ: Հռչակագիրը նաեւ քաղաքական եւ իրաւական դիրքորոշում մըն է` ընդգծելու որ Հայոց ցեղասպանութիւնը միայն պատմական արարք մը չէ, որ  բաւարարուինք միայն ճանաչումով, հաստատումով եւ յիշեցումով: Հայութեան դէմ պետական մակարդակով ծրագրուած եւ պետական միջոցներով կիրարկուած հաւաքական սպանդը ոճրային արարք մըն է, որուն վախճանական լուծումը կ՛ըլլայ արդարութեան գործադրումով:

Նահանգապետ Հոլքոմ այս կէտը հատու կերպով շեշտեց` ընդգծելով, որ մեր արդի դարաշրջանի ցեղասպանական այս արարքը «տակաւին կը պահանջէ արդարութիւն»: Այս իմաստով, հռչակագիրը նաեւ կոչ է արդարութեան պահանջի եւ արդարութեան հետապնդման` ի խնդիր հայութեան եւ այլ փոքրամասնութիւններու դէմ օսմանեան Թուրքիոյ գործադրած ոճրային արարքին:

Ինտիանա նահանգին կողմէ առաջադրուած արդարութեան այս պահանջը համահունչ եւ հարազատ է Միացեալ Նահանգներու Ցեղասպանութիւն ոճիրի վերաբերող օրէնքի թէ՛ տառին եւ թէ՛ ոգիին: Այս օրէնքը ամբողջութեամբ որդեգրումն է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Ցեղասպանութեան ուխտին, որ օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայութեան դէմ կատարուած հաւաքական սպանդը կը համարէ ցեղասպանութիւն: Իբրեւ միջազգային դաշնագիր` Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը 1986-ին վաւերացուց եւ որդեգրեց ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան ուխտը: Ապա, երկու տարի ետք, 1988-ին, ծերակոյտը ընդունեց Ցեղասպանութեան ուխտի գործադրման օրէնքը:

Այսպիսով, 1988-էն ի վեր Ցեղասպանութեան Ուխտը անբաժան մասն է Միացեալ Նահանգներու հիմնական օրէնքին, որով ցեղասպանական որեւէ արարք պէտք է ենթակայ ըլլայ պահանջուած արդարութեան, այսինքն` դատապարտման եւ հատուցման:  Հայոց ցեղասպանութեան Ինտիանա նահանգի առնչութեամբ յայտարարած արդարութեան պահանջի քաղաքական եւ իրաւական հիմնաւորումները կը բխին Միացեալ Նահանգներու հիմնական օրէնքէն:

Այս իմաստով յատուկ արժէք եւ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նահանգապետ Հոլքոմի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ հաստատող հռչակագիրը: Հոս կը կայանայ նաեւ ամերիկահայութեան այս առիթով արձանագրած քաղաքական նուաճումը:

Ճիշդ է` Ինտիանա նահանգը այսօր կը հանդիսանայ Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն 48-րդը, որ պաշտօնապէս կ՛ընդունի հայասպանութեան փաստը: Կը մնան երկու նահանգներ` Ալապամա եւ Միսիսիփի, որոնք ցարդ չեն որդեգրած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող նահանգային որոշումներ: ԱՀԴՅ-ի առաջնորդութեամբ եւ ամերիկահայութեան յաւելեալ աշխատանքով այդ նահանգները եւս պէտք է միանան ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւին: Արշաւ մը, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին միասնականութիւն պիտի բերէ Միացեալ Նահանգներու տարածքին:

Այսուհանդերձ, Ցեղասպանութեան ճանաչումը ամերիկահայութեան եւ յատկապէս Հայ դատի աշխատանքներուն կիզակէտն ու թիրախը չէ եղած եւ չէ: Ասիկա փուլ մըն է այն ընդհանուր քաղաքական աշխատանքին, որուն ռազմավարական նպատակը կը կայանայ արդարութեան պահանջի եւ անկէ բխող հատուցման մէջ:

Ինտիանա նահանգը, նահանգապետ Հոլքոմ եւ նահանգային ղեկավարութիւնը խիզախեցան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կատարելով` շեշտը դնել արդարութեան պահանջին վրայ: Ամերիկահայութեան կը մնայ շարունակել եւ աւելի ընդլայնել այն ուղին, որ այսօր մեզի կը ներկայանայ Ինտիանա նահանգի օրինակով:

Լոս Անճելըս,
6 նոյեմբեր 2017

 


Սկանտինաւեան Ընկերվար-Ժողովրդավարութիւն. –Գ. Շուէտի Ընկերվար-Ժողովրդավարական Մտածողութեան Զարգացման Հոլովոյթը

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

19-րդ դարու երկրորդ կիսուն ճարտարարուեստը Շուէտ մուտք կը գործէ: Շուէտը, որ ծանօթ էր իբրեւ գիւղատնտեսական երկիր, կ՛ապրէր աղքատութեան մէջ: Հասարակութեան մեծամասնութիւնը, որ կ՛ապրէր աղքատութեան մէջ, որեւէ դերակատարութիւն չունէր քաղաքական կեանքին մէջ, որովհետեւ ընտրական օրէնքին համաձայն,քուէարկութիւնը սահմանափակուած էր միայն բարձր եկամուտ ունեցողներով:

Ընկերվար-Ժողովրդավարութեան Թափանցման Տարիներ

Հետզհետէ ճարտարարուեստը կը զարգանայ Շուէտի մէջ` իրեն հետ զարգացնելով դրամատիրական յարաբերութիւնները: Պահպանողական կառավարութիւնները յաջորդաբար կը ղեկավարեն դրամատիրութեան զարգացման հոլովոյթը` զրկանքներու ենթարկելով Շուէտի հասարակութեան մեծամասնութիւնը: Շուէտի մէջ ընկերային-տնտեսական ծանր պայմանները առիթ կը ստեղծեն ընկերվար- ժողովրդավարութեան թափանցման:

6 նոյեմբեր 1881-ին ընկերվար-ժողովրդավար տեսաբան Աւկուստ Փալմ նշանաւոր ճառ մը կ՛արտասանէ` «Ի՞նչ կ՛ուզէ ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը» խորագիրով: Ան կը սկսի յարձակելով պահպանողականներուն վրայ եւ կը հարցադրէ. «Մեր ընդդիմախօսները (պահպանողականները) ի՞նչ կ՛ըսեն մեր մասին: Անոնք կ՛ըսեն, որ մենք կ՛ուզենք բաժնել ամէն ինչ, որ մենք չենք յարգեր սեփականութեան իրաւունքները, որ` մենք կ՛ուզենք ոչնչացնել ամուսնութեան հասկացողութիւնը եւ պնդենք ազատ սիրոյ վրայ, որ` մենք կ՛ուզենք վերջ դնել կրօնին եւ այլն»: Փալմ` վերլուծելով պահպանողական խեղաթիւրումները, կը պատասխանէ վերոնշեալ հարցադրումին. «Ընկերվար-ժողովրդավարները չեն ուզեր բաժնել, այլ անոնք կ՛ուզեն արգելք հանդիսանալ ջոջ դրամատէրերուն, որ բաժնեն»: Ինչ կը վերաբերի սեփականութեան իրաւունքներու յարգանքին, Փալմ կ՛ըսէ. «Մենք` ընկերվար- ժողովրդավարներս, կ՛ուզենք ամբողջովին յարգել սեփականութեան իրաւունքները: Բայց երբ  սեփականութեան իրաւունքները կը դառնան արգելք (խօսքը դրամատիրութեան մասին է) արդիւնաբերութեան եւ պետութեան մտաւոր ու տնտեսական յաջողութեան, ապա այդպիսով պիտի դառնան ոչնչացման առարկայ»:

Փալմ կը յորդորէ ազատ սիրոյ պատճառը փնտռել «մեծ քաղքենի»-ներուն մօտ, որովհետեւ միայն «մեծ քաղքենի»-ները կարելիութիւնը ունին երթալու գիշերային ակումբներ եւ վայելելու այլ կիներու հետ, երբ անոնք չեն ուզեր մնալ իրենց կիներուն մօտ: Այսպիսով, «մեծ քաղքենի»-ները կը սպաննեն բարոյականութիւնը: «Մենք (ընկերվար-ժողովրդավարները) կը դատապարտենք ամէն տեսակի ամուսնութիւն, որ չէ հիմնուած փոխադարձ սիրոյ վրայ», կ՛ըսէ Փալմը` շարունակելով. «Այդ պատճառով ալ ամուսնալուծումը պէտք է աւելի արագ կայանայ»: Վերջաւորութեան, Փալմ կ՛ըսէ. «Մենք` ընկերվար-ժողովրդավարներս, չենք ուզեր սպաննել կրօնը.  բայց մենք կ՛ուզենք, որ կրօնը ըլլայ սրտին կապուած հարց: Մենք չենք ուզեր, որ պետութիւնը միջամտէ այդ հարցով: Մենք չենք ուզեր պետական կրօն: Մենք կ՛ուզենք, որ իւրաքանչիւր տղամարդու եւ կնոջ իրաւունքը ըլլայ հաւատալ կամ չհաւատալ ինչին որ ուզեն: Չենք ուզեր, որ ներկայ համակարգը շարունակուի, երբ կղերականը կը պարտադրէ կրօնը մեր վրայ: Ամփոփելու համար` մեր նպատակը պետութեան եւ եկեղեցւոյ անջատումն է»:

Աւկուստ Փալմի` «Ի՞նչ կ՛ուզէ ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը» ճառին մէջ ընդգրկուած գաղափարները կը դառնան Շուէտի ընկերվար-ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքները: «Ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը», «Ժամանակը», «Ժողովուրդին կամքը» եւ այլ ընկերվար-ժողովրդավարական թերթեր ու յօդուածներ լոյս կը տեսնեն, դասախօսական երեկոներ եւ արհեստակցական միութիւններ կը կազմակերպուին Շուէտի մէջ: Պահպանողական տարրը աւելի կ՛ընդդիմանայ ընկերվար-ժողովրդավարութեան:

Պահպանողական թերթերը աւելի զօրաւոր յարձակումներ կը գործեն, գործարաններու սեփականատէրերը գործէ կ՛արձակեն արհեստակցական միութիւններու անդամակցող բանուորները, իսկ 1888-ին պետութիւնը կը սկսի բանտարկել ընկերվար-ժողովրդավարները` անոնց «անաստուածութեան» պատճառով:

Հալածանքներէն ազատելու եւ աշխատաւոր դասակարգը ազատագրելու համար, 23 ապրիլ 1889-ին, Եալմար Պրանթինկի եւ Աւկուստ Փալմի գլխաւորութեամբ, կը հիմնուի Շուէտի Ընկերվար-ժողովրդավարական աշխատաւորական կուսակցութիւնը` ի մի խմբելով Շուէտի մէջ գործող բոլոր ընկերվար-ժողովրդավարական թերթերը, արհեստակցական միութիւններն ու հարթակները:

1897-ին ընկերվար-ժողովրդավար տեսաբան Աքսել Տանիէլսոն, ազդուելով Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան ծրագիրէն, կը հրատարակէ Շուէտի Ընկերվար-ժողովրդավարական աշխատաւորական կուսակցութեան ծրագիրը: Ծրագիրի սկզբնաւորութեան կը ներկայացուի տարբերութիւնը ընկերվար-ժողովրդավարութեան եւ Շուէտի մէջ գործող այլ գաղափարախօսութիւններու միջեւ` նշելով. «Ընկերվար- ժողովրդավարութիւնը կը տարբերի այլ քաղաքական գաղափարախօսութիւններէ, որովհետեւ անիկա ամբողջովին կ՛ուզէ փոխակերպել քաղքենիական տնտեսական կազմակերպութիւնը` իրականացնելով բանուոր դասակարգի ընկերային ազատագրութիւնը»: Քաղքենիական տնտեսական կազմակերպութեան փոխակերպման եւ բանուորներու ընկերային ազատագրութեան իբրեւ միջոց` կը ներկայացուի «արտադրութեան բոլոր միջոցներուն ընկերայնացումը (socialization-հանրային սեփականացում): Իբրեւ քաղաքական պահանջներ` ծրագիրը մասնաւորաբար կը պահանջէ քուէարկութեան հաւասար իրաւունք, ութժամեայ աշխատանք, արհեստակցական միութիւններու դերակատարութեան ճանաչում եւ եկեղեցւոյ ու պետութեան անջատում:

1898-ին ընկերվար-ժողովրդավարներուն երաշխաւորութեամբ կը հիմնուի «Ազգային կազմակերպութիւն»-ը, որ Շուէտի բարեկեցիկ համակարգին սիւներէն մէկն է:

Հալածանքներէն Դէպի Փոփոխութեան Ազդեցիկ Դերակատարութիւն

Հակառակ յարձակումներուն, բանտարկութիւններուն ու հալածանքներուն` ընկերվար-ժողովրդավարներուն ժողովրդականութեան համեմատութիւնը կը բարձրանայ Շուէտի մէջ:

1917-1920 թուականներու ժամանակաշրջանին, ընկերվար-ժողովրդավարները,  իրականացնելու համար իրենց ծրագիրները (հաւատալով բարեփոխումներու ուղիին), կը դաշնակցին ազատականներուն հետ: 1919-ին ընկերվար-ժողովրդավարներ-ազատական համախմբական կառավարութիւնը կ՛արձանագրէ երկու կարեւոր յաջողութիւններ` ի նպաստ ժողովրդավարութեան:  Առաջինը հաւասար քուէարկութեան իրաւունքի շնորհումն է (առանց դասակարգային կամ սեռային խտրականութեան), իսկ երկրորդը` ութ աշխատանքային ժամերու դրութիւնը:

Նոյն 1917-1920 թուականներուն ընկերվար-ժողովրդավարները իրենց պատմութեան մէջ կ՛ապրին մեծագոյն ճգնաժամը: 1917-ին պոլշեւիկեան ուղղութեան համակրող թեւը կ՛անջատուի եւ կը հիմնէ Շուէտի Համայնավար կուսակցութիւնը, որ այսօր կը գործէ Ձախ կուսակցութիւն անունով:

«Երկրային Դրախտ»-ի Կառուցում

1920-ական թուականները ընկերվար-ժողովրդավարներուն համար գաղափարաբանական նորարարացման ժամանակներն էին: Ժամանակաշրջան մըն էր, երբ ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը տեսութենէն պիտի անցնէր գործնականացման: 1920-ին ընկերվար-ժողովրդավար Պրանթինկի կառավարութիւնը կը ստեղծէ «Ընկերայնացման խորհուրդ» մը` տեսաբաններ Նիլս Քարլեպիի եւ Ռիքարտ Սանտլերի գլխաւորութեամբ: «Ընկերայնացման խորհուրդ»-ի գործն էր ուսումնասիրութիւններ կատարել` տեսնելու համար, թէ ո՛ր տնտեսական մարզը կրնայ պետականացման ենթարկուիլ: Խորհուրդը կը հրապարակէ տեղեկագիրներ, որոնց համաձայն անկարելի էր, որ պետականացումը յաջողութիւն գտնէր Շուէտի մէջ:

«Ընկերայնացման խորհուրդ»-ի ուսումնասիրութիւններուն հիմամբ, 1928-ին ընկերվար-ժողովրդավարներու ղեկավար Փեր Ալպին Հանսոն կը յայտարարէ իր կուսակցութեան հրաժարումը դասակարգային պայքարի եւ պետականացման ձգտումներէն ու անոնց փոխարէն` որդեգրումը աւելի իրապաշտ եւ գործնական ուղղութեան մը: Ան «Ժողովրդային տուն» խորագիրին տակ արտասանած իր խօսքին մէջ կը նշէ. «Տունը միասնութիւն է: Լաւ տունը չի ճանչնար առանձնաշնորհում, զրկանք, խորթ զաւակներ: Այնտեղ ոչ ոք կը փորձէ օգտուիլ ուրիշներու հաշուոյն: Լաւ տան մէջ կայ հաւասարութիւն, ապահովագրութիւն, համագործակցութիւն եւ օգնութիւն: Հասանելի` հանրութեան համար: Անիկա կը նշանակէ վերացումը ամէն տեսակ` ընկերային եւ տնտեսական խոչընդոտներուն, որոնք այսօր հանրութիւնը կը մատնեն առանձնաշնորհումի եւ յետամնացութեան»: Այս տողերէն կը ծնի Շուէտի ընկերային բարեկեցութեան գաղափարը, որ կենդանի կը մնայ մինչեւ օրս:

1932-1946 թուականներուն Փեր Ալպին Հանսոնը կը դառնայ վարչապետ եւ կ՛իրագործէ այս տողերը գետնի վրայ: Հանսոնի կողքին, ելեւմուտքի նախարարութիւնը կը ստանձնէ Էռնեստ Վիկֆորշ, որ կը դառնայ Շուէտի հարկային համակարգին հայրը` իր վարած բարձր հարկային քաղաքականութեամբ, որով ֆինանսաւորեց ընկերային ծառայութիւնները (առողջապահութիւն, կրթութիւն, փոխադրութիւն եւ այլն): Ընկերային հարցերու նախարարութիւնը կը ստանձնէ Կիւսթաւ Մէօլլըր, որուն շնորհիւ ստեղծուեցաւ ընկերային ապահովագրութիւնը` հաշմանդամներու ապահովագրութիւն, երեխայ ունեցող ընտանիքներու ֆինանսաւորում եւ թոշակի ապահովութիւն: Բոլոր յիշեալ քաղաքականութիւններուն որդեգրման միջոցը հնարած է տնտեսագէտ եւ ընկերաբան Կուննար Միրտալը` նշելով, որ միայն հանրային մարզը կրնայ ծառայել թշուառ վիճակի մէջ գտնուող ընտանիքներուն` անոնց ձրի ծառայութիւններ ապահովելով: Այսպիսով, Հանսոն, Վիկֆորշ, Մէօլլըր եւ Միրտալ կը դառնան Շուէտի բարեկեցիկ համակարգի ճարտարապետները, որոնց գործը նաեւ կը տարածուի միջազգային գետնի վրայ` ազդելով աշխարհի մէջ գործող բոլոր ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններուն վրայ:

Հանսոնէն ետք վարչապետութիւնը կը ստանձնէ Թակէ Էրլանտերը (1946-1969), որուն գործունէութիւնը կ՛ըլլայ բարեկեցութեան համակարգի զարգացումն ու ընդլայնումը: Էրլանտերի կառավարութիւնը հանդէս կու գայ յաւելեալ արժէքի տուրքի առաջադրանքով` կրկնապատկելու համար ընկերային ծառայութիւններու ծիրին մէջ ներդրումները: Բնակարանային ապահովութիւնը Էրլանտերի կառավարութեան կարեւոր նպատակներէն մէկն էր: Էրլանտերի կառավարութիւնը կը ծրագրէ եւ կ՛իրագործէ «միլիոնական ծրագիր»-ը, որ կ՛ընդգրկէր աւելի քան 1 միլիոն բնակարանի կառուցում քաղաքներու արուարձաններուն մէջ` նպատակ ունենալով յարմար գիներով բնակարաններ ապահովել բոլոր քաղաքացիներուն:

Էրլանտերէն ետք ընկերվար-ժողովրդավարներուն ղեկավարութիւնը եւ Շուէտի վարչապետութիւնը կը ստանձնէ Օլաֆ Փալմէն, որուն ժամանակաշրջանը (որուն պիտի անդրադառնանք այլ յօդուածով մը) կը յատկանշուէր ընկերվարական արժէքներու արմատականացումով:

Այսօր Շուէտի ընկերվար-ժողովրդավարական մտածողութիւնը վառ կը պահէ «Ժողովրդային տան» արժէքները եւ միակն է Եւրոպայի մէջ, որ չազդուեցաւ կեդրոնամէտ «Երրորդ ուղի»-ի գաղափարներէն, այլ շարունակեց զարգացնել իր իւրայատուկ գաղափարական ուղղութիւնը:

 

 

 

 

Արցախի Ականազերծման Նուիրուած Ցուցահանդէս «Թիւֆէնքեան» Ցուցադրասրահին Մէջ

$
0
0

Համադրութեամբ լուսանկարիչ Արա Օշականի, հոկտեմբեր 23-էն սկսեալ լուսանկարչական ցուցահանդէս մը սկսած է Կլենտէյլի «Թիւֆէնքեան» ցուցադրասրահին մէջ` «20/20: Mine Free Karabakh Exhibition» խորագիրին ներքեւ:

Արցախի ականազերծման համար դրամահաւաք իրականացնելու նպատակով կազմակերպուած սոյն ձեռնարկին ընթացքին պիտի ցուցադրուին լուսանկարիչ Սքաթ Թիւֆէնքճեանի, Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ կեդրոնի երեխաներուն եւ աշխարհի տարածքին ականազերծման արշաւներու ջատագով Բրիտանիոյ Տայանա իշխանուհիի հաւաքածոյի արխիւային լուսանկարները:

Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ Արցախի ականազերծման աշխատանքներու զօրակցողներէն քոնկրեսական Էտըմ Շիֆը, եւ այդ առիթով կարելի եղած է գոյացնել 125.000 տոլար գումար մը, որ նուիրուած է Արցախի մէջ ականազերծում իրականացնող «Հէյլօ թրասթ» կազմակերպութեան, որ նպատակ ունի Արցախի բոլոր ականները չէզոքացնել մինչեւ 2020:

Ցեղասպանութեան Նուիրուած «Ինթենթ Թու Տիսթրոյ»-ը` «Doc La.»-ի Լաւագոյն Վաւերագրական Ժապաւէնը

$
0
0

«Տետլայն» /Լոս Անճելըս

Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Խոստումը» ժապաւէնի արտադրութեան եւ Ցեղասպանութեան ուրացման արշաւին առնչուող «Ինթենթ թու տիսթրոյ» ժապաւէնը ընտրուած է «Doc LA.» շարժապատկերի փառատօնի լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէնը:

Ճօ Պերլինկըրի արտադրած եւ բեմադրած այս ժապաւէնին մնացեալ արտադրողներն են` «Խոստումը» ժապաւէնի արտադրիչ Էրիք Էսրայէլեանը եւ Չիփ Ռոզընպլումը:

Նշենք, որ նշեալ փառատօնի «Ազատութեան» մրցանակը շահած է Ռակըն եւ Ճօ Հէյլմեններու արտադրած «Էրտողան. բռնատէրի հանրապետութիւն» ժապաւէնը:

 

Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի Կիները» Վաւերագրական Ժապաւէնը Ցուցադրուեցաւ Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

$
0
0

Հինգշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2017-ին Հայկազեան համալսարանին մէջ ցուցադրուեցաւ Հայկազեանի շրջանաւարտ Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի կիները» վաւերագրական ժապաւէնը, որուն ներկայ էին մեծ թիւով ակադեմականներ, դիւանագէտներ, լրագրողներ, քաղաքական գործիչներ, հանրային դէմքեր եւ ուսանողներ:

Այս առիթով  Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան յուշանուէրով մը պարգեւատրեց Պարէտ Մարոնեանը` իր ժապաւէնին ընդմէջէն Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հայ կնոջ տանջանքները հարազատօրէն ներկայացնելու եւ տարածելու աշխատանքին համար: Իր Խօսքին մէջ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան շեշտեց կարեւորութիւնը նման գործերու, որոնք լոյս կը սփռեն ոչ միայն հայ ժողովուրդին ապրած տառապանքներուն, այլեւ` բոլոր ժողովուրդներուն, որոնք մինչեւ ներկայ ժամանակները կ՛ապրին նմանատիպ դժուարութիւններ:

Յայտագիրը ներկայացուց Հայկազեան համալսարանի հանրային կապերու պատասխանատու Միրա Եարտըմեանը, որ ներկայացուց Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի կիները» վաւերագրական ժապաւէնի հիմնական խորհուրդը` վեր առնել հայ կնոջ դերակատարութեան կարեւորութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին, ինչպէս նաեւ` լուսարձակի տակ առնել ամերիկացի եւ եւրոպացի կիներու կողմէ տրուած բոլոր տեսակի օժանդակութիւնները, որոնք անկիւնադարձային եղան Հայոց ցեղասպանութենէն ետք կազմուած գաղթավայրերուն մէջ, յիշելով յատկապէս ժապաւէնին մէջ նշուած Օրորա (Արշալոյս) Մարտիկանեանը, Մարի Լուիզ Կրաֆֆամը, Տիանա Աբգարը եւ Մարիա Ճէյքըպսընը:

Նշենք, որ վաւերագրական ժապաւէններու բեմադրիչ, Պարէտ Մարոնեանը չորս անգամ շրջանային պատկերասփիւռի «Էմմի» մրցանակի մրցանակակիր է, 2016-ին «Արմին Վեկներ» մարդասիրական մրցանակի մրցանակակիր, ինչպէս նաեւ վերջերս ստացած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի «Արուեստի եւ գրականութեան» մրցանակը:

Մարոնեան 2006-ին հիմնած է «Արմենոյտ» խումբը եւ հիմնականօրէն կ՛արտադրէ հայկական նիւթերով վաւերագրական ժապաւէններ: Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան որբերը» վաւերագրական ժապաւէնը Ամերիկայի տարածքին յաջողած է հասնիլ 100 միլիոն հանդիսատեսի:

Շուրջ իննսուն վայրկեան տեւող ժապաւէնին հետեւելէ ետք ներկաները բարձր գնահատեցին Պարէտ Մարոնեանին աշխատանքը` ընկերային մթնոլորտի մը մէջ ուղղելով իրենց հարցումները:

Տատրակ Կամ Մշոյ Գեղամ. Վերահաս Աղէտի Մը Արթուն Դիտորդը*

$
0
0

ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Կենսագրական պատրանք» կոչուած երեւոյթին գիտակից ըլլալով հանդերձ, պիտի փորձեմ այս հակիրճ աշխատութեան մէջ ի մի բերել որոշ դրուագներ դէմքի մը` Գեղամ Տէր Կարապետեանի կեանքէն եւ գործունէութենէն: Դէմք մը, որուն գրական եւ քաղաքական յանձնառութիւնները ծանօթ են 19-րդ դարէն 20-րդի դարձակէտի` Օսմանեան կայսրութեան հայ գրականութեան եւ պատմութեան քանի մը հազուագիւտ մասնագէտներու միայն: Իր վաստակը (պատմուածքներ, վէպ, պատմագիտական ուսումնասիրութիւններ, ուղեգրական նոթեր), ինչպէս նաեւ վարչական եւ քաղաքական գործունէութիւնը մոռացութեան մատնուած են հաւանաբար առանձնայատկութեան մը պատճառով. այսպէս, անոնք ամբողջութեամբ նուիրուած են եղած տարածաշրջանի մը` Տարօնին, այսինքն` Մշոյ դաշտին, Մուշ քաղաքին, Սասունին, անոնց ներկային եւ անցեալին. անոր աշխարհագրութեան, հայ ազգաբնակչութեան, հնագիտական եւ կրօնական ժառանգութեան, աւանդոյթներուն, ինչպէս եւ` բարբառին (կամ բարբառներուն), որուն բառարանագիրը դարձաւ ինք, ջանալով զայն բարձրացնել գրական լեզուի մակարդակին, համոզուած, որ անքակտելի կապ գոյութիւն ունի լեզուին եւ բնավայրին միջեւ: Իրողութիւն մը, որ պիտի ապացուցուէր ապագային. հայ բնակչութիւնը, լեզուն եւ բարբառը ամբողջութեամբ անհետացած են այս տարածաշրջանէն, որուն տեղանունը եւս փոխուած է 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ետք: Գեղամ` անձնաւորումը Ֆեռնան Պրոտելի1 նկարագրած մարդուն, որ «երկար ժամանակի վրայ» չի կրնար զանցել տուեալ քաղաքակրթութեան մտային շրջանակն ու աշխարհագրական սահմանները, ընդհակառա՛կը, եղաւ մարդը, որ կը պաշտպանէ, կը ստանձնէ այդ շրջանակն ու սահմանները:

Գեղամ Տէր Կարապետեանի (1866-1918) մէկ աշխատութիւնը միայն` «Հողային հարց»-ը, հրատարակուած է իր կենդանութեան, գիրքի կամ, աւելի ճիշդ, պրակի ձեւաչափով, Կոստանդնուպոլիս, 1911-ին: Քսան տարիներ ետք, 1931-ին, Փարիզ հրատարակուած «Տարօնի աշխարհ»2 գիրքին մէջ լոյս տեսած են անոր յօդուածներէն եւ վիպակներէն մէկ քանին: Առաջինը իր տեսակին մէջ` այս հրատարակութիւնը, որ կը բովանդակէ նախաբան մը եւ բարբառային բառացանկ մը, կը պարտինք Կարօ Սասունիին (1889-1977): Այս խարիսխէն մեկնելով  եւ անոր օրինակով է (Կոստանդնուպոլսոյ մամուլին մէջ լոյս տեսած եւ աշխարհով մէկ սփռուած Գեղամ Տէր Կարապետեանի յօդուածներու եւ ձեռագիրներու փնտռտուք), որ Երեւանի համալսարանի հրատարակութիւններու անխոնջ աշխատակից Յակոբ Պետրոսեան 1970-էն ի վեր սկսած է իր հետազօտական աշխատանքը եւ զայն կը շարունակէ մինչեւ այսօր: Պատմական հատուցման փափաքով տարուած, խորհրդային շրջանի այս մտաւորականը, զաւակը` Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մշեցի որբ ծնողներու, յամառօրէն տրուած է Գեղամ Տէր Կարապետեանի աշխատութիւնները հաւաքելու, վերլուծելու եւ հրատարակութեան յանձնելու աշխատանքին: Հաւաքումի աշխատանք մը, որ Խորհրդային Միութեան մէջ խոչընդոտներու հանդիպած էր թէ՛ պատմաբաններուն պարտադրուած գաղափարաբանական արգելքներուն, թէ՛ Գեղամ Տէր Կարապետեանի ձեռագրերու սփռուած ըլլալուն եւ թէ՛ անոր կողմէ օգտագործուած գրական ծածկանուններուն պատճառով: Օսմանեան գրաքննութիւնը խաբելու, կամ իր ինքնութիւնը մատնող դիմակով ներկայանալու համար ան օգտագործած է` Գ.Տ. Կ. Տարօնեան, Գ., Ուխտաւոր, Գեղամ, Տատրակ, Տարպան, Ասողիկ3, Տարօնեցի, Գեղամ Տարօնեցի, Մշոյ Գեղամ ստորագրութիւնները: Տարիներու տքնաջան եւ մենաւոր աշխատանքի արդիւնք` Յակոբ Պետրոսեանին լոյս ընծայած երեք գիրքերը այսուհետեւ անհրաժեշտ աղբիւրներ են բոլոր անոնց համար, որոնք հետաքրքրուած են Գեղամի4 կենսագրութեամբ, գրական աշխատութիւններով, նորավէպերով, վէպերով եւ պատմուածքներով,5 ուղեգրական պատմութիւններով եւ Տարօնի պատմական եւ հնագիտական ժառանգութեան նուիրուած յօդուածներով, կամ պարզապէս` Տարօնի վերջին օրերու պատմութեամբ:6 Յակոբ Պետրոսեանը յաջողած է օգտագործել նաեւ Գեղամի դստեր` Արմէնուհի Գեւոնեանի վկայութիւնը: Այդուհանդերձ, Գեղամի ձեռագրերուն մէկ մասը միայն հասանելի դարձած են անոր:7 Գեղամ տենդագին գրող մըն էր: Իր ջղային եւ սուր ձեռա-գրով գրած է հազարաւոր էջեր` սեւ, մանիշակագոյն կամ կարմիր մելանով: Օգտագործած է հնարաւոր բոլոր միջոցները, թուղթի թերթեր, նոթատետրեր, դպրոցականի գծաւոր տետրեր, լուսանցքներ, յաճախ` երկու երեսները գրութեամբ ծածկուած թուղթի կտորներ, որ միաժամանակ կ՛ապացուցէ թուղթի պակասն ու իր գրելու անյագ ցանկութիւնը: Մահէն ետք այրին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ 1918-ին անոր ամբողջական արխիւները յանձնած է Տարօն-Տուրուբերանի Հայոց հայրենակցական միութեան:8

1922-ին, քեմալականներու յաղթանակի նախօրեակին, միութեան արխիւները ղրկուած են Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննա` յանձնուելով Մխիթարեաններու խնամքին,9 եւ այնուհետեւ` Աքրոն (ԱՄՆ), ուր եւ հաստատուած է միութեան նստավայրը: Օհայօ նահանգի արդիւնաբերական այս քաղաքին մէջ այդ օրերուն 1914-էն առաջ գաղթած մեծ թիւով տարօնցի հայ աշխատաւորներ կը բնակէին: Ապա, երկու պատերազմներու միջեւ ինկող ժամանակաշրջանին, այդ ձեռագրերը յանձնուած են Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Մոնմորանսիի թանգարան: Աւելի ուշ թանգարանը ամբողջութեամբ փոխադրուեցաւ Պոսթոն: Այս փոխանցումներու ընթացքին Գեղամի ձեռագրերէն թիւ մը իւրացուած կամ կորսուած է: Այսօր անոնք սփռուած են Պոսթոնի, Փարիզի, Պէյրութի եւ Երեւանի մէջ:10

Գեղամի արխիւներու ամէն կողմ սփռուելէն առաջ Կարօ Սասունի11 կրցած է դասակարգել զանոնք: Ան զատորոշած է «բանասէր, պատմաբան, ազգագրագէտ» եւ միւս կողմէ` պատումներու հեղինակ գրագէտ Գեղամի արտադրութիւնները, անջատուած հրատարակուածները եւ անտիպ ձեռագիրները: Այսպէս, Մշոյ բարբառին առնչուող 400 էջնոց ձեռագիր մը կը պարունակէ` բառացանկ, քերականութիւն եւ 1898-1915 հաւաքուած ասացուածքներ ու հանելուկներ. խոշոր տետրակ մը, ուր ներկայացուած են վանքերու եւ Տարօնի շրջանին մէջ պահպանուած 1869 հին ձեռագրերէ առնուած 831 յիշատակարաններ (colophons).12 1500 էջ հաշուող երկու այլ տետրակներ, նուիրուած` «Մուրատատուր Մշոյ Սուրբ Կարապետ» վանքին, ուր գրառուած են Սուրբ Կարապետի պատմութիւնը` Հայ եկեղեցւոյ ծնունդէն մինչեւ 1907 թուական եւ դարերու ընթացքին զայն ղեկավարած անձնաւորութիւններու անուանացանկը.13, 120 էջնոց տետրակ մը` գրուած Գեղամի ծանր հիւանդութեան շրջանին Կոստանդնուպոլիս (1915-1916), 14 «Էնվերի եւ Թալէաթի կողմէ ծրագրուած եւ իրագործուած» ապրիլ 1915-ի ջարդերուն վերաբերեալ, «Հողային հարց»-ը, փոքրիկ պրակ մը` հրատարակուած 1911-ին:

ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Ֆրանսահայ պատմաբան: Շրջանաւարտ է Սորպոնի համալսարանէն եւ
կը դասաւանդէ Փարիզի Ա. համալսարանի ընկերային գիտութեանց բաժանմունքին մէջ:
Հեղինակ է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու, որոնք առնչուած են
19-20 դարերու հայոց պատմութեան,
ինչպէս նաեւ` սփիւռքի հարցերու:
Հիմնական աշխատութիւններ են` «Հայկական հարց» (ֆրանսերէն, 1983),

«Ազգայնականութիւնն ու ընկերվարութիւնը հայ յեղափոխական շարժման մէջ (1887-1912)»,
(անգլերէն, 1984), «Հայաստանի Հանրապետութիւն», (ֆրանսերէն, 1989),
«Հայաստանը եւ ազգութիւններու զարթօնքը (1800-1914)» բաժինը:

Ֆրանսերէնէ թարգմանեց`
ՀԵՐՄԻԿ ՆԵՐՍԻՍԵԱՆ

(Շար.1)

* Ֆրանսերէն բնագիրը` in  MÉLANGES JEAN-PIERRE MAHÉ , COLLÈGE DE FRANCE – CNRS -, Բիւզանդական պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան հետազօտութեան կեդրոն, Travaux et mémoires շարք, թ. 18,Փարիզ, 2014:

———————————-

1.- F. Braudel, Ecrits sur l՛histoire, Փարիզ, 1984, հատոր 1, էջ 50-53:

2.- Գ. Տէր Կարապետեան (Տատրակ), «Տարօնի աշխարհ», պատկերներ ու պատմուածքներ, Փարիզ, 1931, 340 էջ, նախաբան` Կարօ Սասունիի եւ հրատարակուած Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ մատենաշարին մէջ: 1929-ին Փարիզի եւ Նիւ Եորքի մէջ հիմնադրուած համանուն միութեան հրատարակութիւն, որուն նպատակն էր հրատարակել «զոհուած կամ մահացած գրագէտներու» գործերը:

3.- Ասողիկ (Ստեփանոս Տարօնեցի), 10-րդ դարու հայ պատմիչ, ծագումով տարօնցի:

4.- Յ.Պետրոսեան, Գեղամ Տէր Կարապետեան (Մշոյ Գեղամ), Կեանքը եւ ստեղծագործութիւնը, Երեւան, 1983:

5.- Գ. Տէր Կարապետեան (Տատրակ), «Տարօնի աշխարհ», նախաբան` հրատարակիչ Յ.Պետրոսեան, Երեւան, 1995: 1931-ին Փարիզ հրատարակուած հատորին համալրուած եւ քննադատական վերա-հրատարակութիւնը:

6.- Գ. Տէր Կարապետան (Մշոյ Գեղամ), Տարօնի վանքերը: Ուղեւորի յիշատակներ: Նախաբան` Յ.Պետրոսեան, Երեւան, 2003:

7.-Արմէնուհի Գեւոնեան (1902-2002), ծնեալ` Մուշ, մահացած` Փարիզ, երգչուհի, բանահաւաք, գրագէտ: Տես.` Le Dictionnaire universel des créatrices, Փարիզ, 2013, էջ 2298-2299:

8.- Հիմնադրուած Կոստանդնուպոլիս` 1918-1919-ին, միութիւնը փորձած է համախմբել այդ տարածաշրջանի ծնունդ վերապրողները: 1922-էն ետք ան աստիճանաբար կը տարածուի նորաստեղծ Սփիւռքի գաղութներուն մէջ (ԱՄՆ, Ֆրանսա, եւլն.): Գեղամ Տէր Կարապետեան, 1909-ին եղած է գլխաւոր հիմնադիրը Կոստանդնուպոլսոյ  Տարօն-Սալնոյ Ձոր հայրենակցական միութեան, որուն նպատակն էր օգնել Տարօնի բնակչութեան: Սալնոյ Ձոր անուանակոչումը կը վերաբերի Պիթլիս-Ախլաթ տարածաշրջանին:

9.- Թերեւս անոնք ծառայած են Յ. Ոսկեանի աշխատութեան` «Տարօն Տուրուբերանի վանքերը», Վիեննա, 1953:

10.- Յատկանշական օրինակ մը հայութեան ժամանակակից պատմութեան առնչուող վաւերագրերու աշխարհասփիւռ իրավիճակին:

11.- Կ. Սասունի, նախաբան` «Տարօնի աշխարհ»-ի, (տես. թիւ 2), էջ 14-19:

12.- Բացատրութիւնը կը վերաբերի երկրորդ տետրակին: Առաջինը կորսուած է:

13.- Այս ուսումնասիրութեան 300 էջերը Գեղամին կողմէ թղթածրարներու վերածուած եւ յօդուածներու ձեւին տակ լոյս տեսած են «Բիւզանդիոն»-ի եւ այլ պարբերականներու մէջ:

14.- Տես. ստորեւ:

«ԲԱԳԻՆ», 1/2017

 

 

Քաղաքական Անդրադարձ. Սէուտական Արաբիա Եւ Շրջանային Ուժի Հաւասարակշռութիւնը

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Շատեր, նոյնիսկ` Լիբանանի հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի դաշնակիցները, յանկարծակիի եկան, երբ ան իր հրաժարականը յայտարարեց սէուտական պատկերասփիւռի կայանէն` ոչ համոզիչ պայմաններու մէջ: Իր հրաժարականի յայտարարութեան մէջ Հարիրի բուռն կեպով քննադատեց Իրանի քաղաքականութիւնը շրջանի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ` Հըզպալլայի մասնակցութիւնը սուրիական պատերազմին եւ անոր քաղաքական թափանցումը լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ: Նորութի՞ւն` ոչ մէկ, որովհետեւ Հըզպալլա 2013-էն ի վեր Սուրիոյ մէջ կը պատերազմի վարչակարգին կողքին: Աւելի՛ն. 2011-էն ետք սուրիական պատերազմին պատճառով սուրիական քաղաքականութեան ազդեցութիւնը նուազեցաւ Լիբանանի մէջ, եւ Իրանի դերակատարութիւնը, որ սկսած էր 2008-ի Տոհայի համաձայնութեամբ, սկսաւ գերակշռել սուրիական ազդեցութեան:

Հաւանաբար այս բոլորը համոզիչ փաստարկներ չեն, որ Հարիրի հրաժարէր, սակայն որոշ իրականութիւն մը կայ, որ ան ստիպուած էր այս յայտարարութիւնը կատարելու: Հոս պահ մը ետ երթանք: 2005-ի Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեամբ, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը բաւական նահանջ արձանագրեց Լիբանանի մէջ, իսկ Մարտ 14-ի ուժերը իրենց քաղաքական յաղթանակը չկրցան գետնի վրայ թարգմանել: Սէուտական Արաբիա տեսնելով 2008-ին Պէյրութի մէջ Հըզպալլայի զինուորական «յաղթանակ»-ը` ստիպեց, որ Հարիրի քաղաքական զիջումներ կատարէ, իսկ 2013-ին Սաատ Հարիրիի կառավարութեան տապալումով իրանեան քաղաքականութիւնը գերակշռեց երկրին մէջ: Այս բոլորին վրայ ան զիջեցաւ, որ 2016 հոկտեմբերին նախագահ ընտրուի զօր. Միշել Աունը, որուն թեկնածութիւնը 2008-էն առաջադրուած էր Հըզպալլայի կողմէ:

Այս բոլորին կողքին, Սէուտական Արաբիա նաեւ քաղաքական հարուածներ ստացաւ Եմէնի, Սուրիոյ, Քաթարի եւ Իրաքի մէջ: Եմէնի հետ Սէուտական Արաբիոյ քաղաքական հարցը սկսաւ 1934-ին` սահմանամերձ Ասիր նահանգին մէջ. պատերազմը վերջ գտաւ Սէուտական Արաբիոյ յաղթանակով, սակայն հուսիները մինչեւ օրս չեն ճանչնար արեամբ գծուած սահմանը: Եմէնի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը, որ, ըստ երեւոյթին, շատ աւելի կրնայ երկարիլ, բացայայտեց արաբական թագաւորութեան սահմանափակ ուժերը: Հակառակ անոր որ այդ պատերազմին մասնակցեցան աւելի քան 20 երկիրներ, սակայն այսօր Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները գրեթէ որբացան եւ արիւնալի պատերազմ կը մղեն հուսիներուն դէմ, որոնք կը վայելեն Իրանի զինուորական եւ քաղաքական աջակցութիւնը:

2015-ը Սուրիոյ համար անկիւնադարձային թուական մըն էր Հալէպի ազատագրումով, եւ ռուսական զինուորական միջամտութիւնը այլեւս գաղտնիք մը չէր: Ռուսական ճնշումներուն դիմաց Միացեալ Նահանգներ` իրենց հետ ունենալով Թուրքիան, Քաթարը, Յորդանանը եւ Սէուտական Արաբիան, չկրցան դէմ դնել ռուսական եւ իրանական զինուորական գործակցութեան, որուն շնորհիւ Հալէպը ազատագրուեցաւ: 2015-էն ետք սուրիական կառավարութիւնը ընդարձակեց իր հակակշիռին տակ գտնուող սահմանները եւ հասաւ մինչեւ Իրաքի սահման: Այլեւս կասկած չկար, որ ընդդիմութիւնը կորսնցուցած էր իր ուժը, եւ արաբական երկիրները պատրաստ չէին պայքար մղելու Ռուսիոյ նման հզօր երկրի մը դէմ:

2017-ի մայիսին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ռիատ այցելութեամբ Սէուտական Արաբիոյ երիտասարդ գահաժառանգ իշխանը փորձ մը կատարեց շրջափակումի ենթարկելու Քաթարը, սակայն այդ փորձը ապարդիւն էր, եւ մինչեւ հիմա Քաթար կրցաւ դէմ դնել բոլոր ճնշումներուն եւ ամրապնդեց իր կապերը Թուրքիոյ ու Իրանի հետ: Իսկ ինչ կը վերաբերի Իրաքին, ուր իրանեան քաղաքական ազդեցութիւնը իր գագաթնակէտին հասած է, սէուտական թագաւորութիւնը կը փորձէ որոշ դուռ մը բանալ իրաքցիներուն առջեւ: Ասիկա կատարուեցաւ, երբ Իրաքի շիի կրօնապետ Մուքթատա Սատըր այցելեց թագաւորութիւն, եւ վերջինս աջակցեցաւ Պաղտատին քիւրտերուն դէմ վերջին տագնապին ընթացքին: Սակայն անշուշտ հարցական է, թէ արաբական թագաւորութիւնը ապագային կրնա՞յ դիմադրել Իրաքի մէջ իրանական քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական ներթափանցումին:

Վերջապէս` Լիբանան: Յստակ է, որ Սէուտական Արաբիոյ երիտասարդ գահաժառանգ իշխանը կ՛ուզէ վերատեսութեան ենթարկել իր երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը եւ անոր համար ալ նախ նախկին քաղաքական վերնախաւէն ձերբազատեցաւ ու բանտարկեց իր ներքին հակառակորդները: Առաջին քննութիւնը Լիբանանն էր: Լիբանանի համար կրնայ դժուար վիճակ մը ստեղծուիլ, գոնէ` տնտեսական եւ ապահովական դիտանկիւնէ, սակայն երբեք` պատերազմ մը: Լիբանանի մէջ եւրոպական եւ Ծոցի երկիրները հսկայ ներդրումներ ունին, եւ ոչ մէկը կրնայ վտանգի ենթարկել զանոնք: Նոյնիսկ Հըզպալլա այս հաշիւները շատ լաւ կը ճանչնայ: Առաւել, լիբանանեան տարբեր ուժերը հանդարտութեան կոչեր ուղղեցին: Յաջորդող օրերը պիտի բացայայտեն Սէուտական Արաբիոյ յառաջիկայ քայլերը լիբանանեան դաշտին մէջ: Ինչպէս Տեւիտ Հըրսթ իր գիրքին մէջ կ՛ըսէ` «Զգուշացէ՛ք փոքր երկիրներէն»: Լիբանանը այդ փոքր երկիրն է, որ շրջանին մէջ կրնայ շրջել ուժերու հաւասարակշռութիւնը:

Yeghia.tash@gmail.com

 

 

Տատրակ Կամ Մշոյ Գեղամ. Վերահաս Աղէտի Մը Արթուն Դիտորդը

$
0
0

ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Այն` Ինչ Չեղաւ Ղեկավարի Մը Մանկութիւնը

Գեղամ Տէր Կարապետեան ծնած է 1866-ին,(15) Մշոյ դաշտի Խէյպիան գիւղը, որ կը գտնուի Արածանիի կամ Արեւելեան Եփրատի եզերքին: Մանկութեան այս երկիրը երջանկութեան աշխարհ մը չէ: Հայրը` Կարապետ Յովհաննէսեան (1827-1902), որ նմանապէս ծնած էր Խէյպիան, (աղքատ գիւղ, ուր միայն կորեկի հաց կ՛ուտէին),(16) 1865-ին դարձած էր գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ քահանայ, եւ այդ պաշտօնը պահած` մինչեւ մահը: (17) Բազմանդամ ընտանիքի հայր համեստ քահանան, որ բախտն ունեցած էր ճանչնալու Սրուանձտեանց եպիսկոպոսը, անձամբ կը զբաղի անդրանիկ որդւոյն` Գեղամի դաստիարակութեամբ, անոր փոխանցելով իմացութեան սէրը, ապա տասը տարեկանին զայն ղրկելու համար Սուրբ Կարապետ վանք: Երեխան կը մնայ այս փառայեղ, պատմութեամբ հարուստ կառոյցին մէջ մինչեւ 1880, որմէ ետք մուտք կը գործէ Մշոյ Կեդրոնական վարժարան: Նորաստեղծ(18) եւ «ժամանակակից» հայկական այս կրթարանին մէջ, որուն տնօրէնն էր հայրենասէր եւ սքանչելի մանկավարժ Մկրտիչ Սարեանը, (19) կը դասաւանդուին… ֆրանսերէն եւ մարմնամարզութիւն: Սակայն 1882-ին, առանց դպրոցական տարեշրջանը աւարտելու, Գեղամ կը վերադառնայ վանք, ուր, հաւանաբար` նիւթական կաշկանդումներով, կը կատարէ զանազան գրաւոր աշխատանքներ: Գեղամ աղքատ է. աղքատութիւնը պիտի ըլլայ անոր հաւատարիմ ընկերը` կեանքի գրեթէ ամբողջ ընթացքին:

1884-ին 18 տարեկան է, քահանայ չէ դարձած. արդէն իսկ ունի գաւառական ինքնուս մտաւորականի մը յատկանիշները, վերադարձած է Մուշ եւ ստանձնած` հայոց առաջնորդարանի քարտուղարի պաշտօնը: 1884-էն 1908, ի բաց առեալ քանի մը կարճատեւ ընդմիջումներ,(20) Գեղամ ներկայ է Մշոյ առաջնորդարանէն ներս: (21) Լաւատեղեակ չենք Սուրբ Կարապետի մէջ անոր ստացած ուսումին մասին, սակայն կրնանք կատարել բազմաթիւ հաստատումներ: Սերտած է գրաբար, որուն շարահիւսութիւնը, բառապաշարը եւ հին արտայայտչաձեւը ներկայ են անոր գրութիւններուն մէջ: Շատ լաւ գիտէ հայոց եկեղեցւոյ պատմութիւնը: Պաշտամունք ունի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի, սուրբ թարգմանիչներ Սահակի եւ Մեսրոպի, Մովսէս Խորենացիի, Գրիգոր Նարեկացիի հանդէպ: Բայց նաեւ` Մկրտիչ Խրիմեանի (1920-1907) եւ Գարեգին Սրուանձտեանցի (1840-1892), որոնք, թէեւ իր վարպետները չեն եղած, այդուհանդերձ,  իրենց գաղափարական շունչով, Սուրբ Կարապետ այցելելէ (1862-1872) ետք, երկար տարիներ պահած են իրենց ներգործօն ուժը: Հին ու ժամանակակից բոլոր այս անձնաւորութիւններու կեանքն ու գործունէութիւնը Գեղամին համար անբաժանելի են Տարօն-Տուրուբերան նահանգէն, (22) եւ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ինկած Հայաստան աշխարհէն:

Թանզիմաթի շրջագիծէն ներս, հայ ազգային սահմանադրութեան հռչակումէն ի վեր (1863), հակառակ հեռաւորութեան եւ հաղորդակցութեան դժուարութիւններու, կանոնաւոր յարաբերութիւն կար Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքին եւ իր միջոցով նշանակուած Տարօն-Տուրուբերանի թեմի առաջնորդին միջեւ: Առաջնորդարան է, որ կը հասնէին պատրիարքարանին հրահանգները, պահանջներն ու նշանակումները, տեղական հայ բնակչութեան բողոքները, ինչպէս նաեւ` Պիթլիս վիլայէթի վալիին եւ Մուշ սանճաքի գայմագամին ճամբով կառավարութեան արձակած հրամաններն ու պահանջները: Հոս է, որ կը գրանցուէին ծննդեան վկայականները, այստեղէն է, որ կը մեկնէին պատրիարքարանին ուղղուած թեմի թաքրիրները (խնդրագիր), գոյքագրումները, վիճակագրութիւնները, յուշագրութիւններն ու գանգատներու տետրակները: Տեղական ընկերութեան դիտակէտ մըն էր ան, կեանքի դպրոց մը, ուր Գեղամ կը կազմաւորուէր:

1880-ական թուականներուն, որոնք բնորոշուեցան իբրեւ վերածնունդի տարիներ, 19-րդ դարու հայկական վերածնունդը արձանագրեց վճռորոշ թռիչք: Կարելի է խօսիլ «ութսունական թուականներու սերունդին»` Պերլինի վեհաժողովի խոստումներէն ազդուած սերունդին մասին (1878): Գեղամ այդ սերունդին կը պատկանի: Անոր պատանութեան կարճ ժամանակաշրջանը կը զուգադիպի Հայկական հարցի միջազգայնացումին, ծանօթ ու մեծարուած գործիչ Մկրտիչ Խրիմեանի առաջնորդութեամբ եւրոպական մայրաքաղաքներ մեկնած պատուիրակութեան եւ «հայերով բնակեցուած նահանգներուն» մէջ Պերլինի պայմանագրի 61-րդ յօդուածին համաձայն, բարենորոգումներ կատարելու խոստումի ժամանակահատուածին:  Արձագանգները կը հասնին արեւելեան Անատոլիա, որուն քաղաքական աշխարհագրութիւնը տակնուվրայ եղած էր Կարսի, Արտահանի եւ Պաթումի կցումով Ռուսաստանի. կցում, որուն պատճառով թափ առած էր Կովկաս մեկնող հայ գաղթականութեան տեղաշարժը: Այս իրադարձութիւնները պիտի ըլլային յոյսերու, նաեւ յուսախաբութիւններու աղբիւր, որոնք ծնունդ տուին Րաֆֆիի («Կայծեր», «Խենթը»)  եւ Ծերենցի («Երկունք») վէպերով սնանած ամբողջ սերունդի մը բոցավառ երեւակայութեան:

1880-ին Գեղամ 14 տարեկան է միայն, երբ կը յաջողի Կոստանդնուպոլսոյ «Մասիս» շաբաթաթերթին մէջ հրատարակել իր առաջին յօդուածը` «Թղթակցութիւն Հայաստանէն»: Հայ մամուլին մէջ վարած տասնեակ տարիներու պաշտօնին առաջին քայլն է այս: Առաւել յատկանշական են 1886-1888 Գարեգին Սրուանձտեանցին հասցէագրուած իր ութ նամակները: (23) Սրուանձտեանց նոր նշանակուած է Տրապիզոնի առաքելական եկեղեցւոյ եպիսկոպոս: Գեղամ կ՛արտայայտէ իր մտահոգութիւնը` Տարօնի անմխիթար վիճակին մասին. աղքատութեան մէջ կորած եւ հարկերու տակ կքած բնակչութիւն մը, վարժարաններու բացակայութիւն կամ հազուագիւտ դպրոցներու փակում, լքուած եւ աւերուած վանքեր, Սուրբ Կարապետ վանքին համար նշանակուած անարժան վանահայր մը, կառավարութեան անվերջ սպառնալիքները:

1889-ի գարնան Կիւլիզարի առեւանգումը կը փոթորկէ անոր կեանքը: Մշոյ դաշտի Խարձ գիւղի ծնունդ, 14-ամեայ հայ պարմանուհի Կիւլիզարը, կ՛առեւանգուի քիւրտ հզօր ցեղապետի մը` Մուսա բէկին կողմէ, անոր հայրական տան վրայ կատարուած յարձակումէն ետք: Բէկի կրտսեր եղբօր յանձնուելով` Կիւլիզար կ՛արգելափակուի եւ բռնի կերպով կրօնափոխ կը դարձուի: (24) Սովորական դէպք` Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան այս նահանգին մէջ, ուր ծանօթ են քիւրտ ցեղախումբերու խառնակութիւնները, մայրուղիներու վրայ կազմակերպուած կողոպուտները, քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ անհաւասարութիւնն ու ընկերային բռնութիւնները:

Սակայն այս դէպքը, որ սովորական պատահար էր այլոց շարքին, կը վերածուի քաղաքական իրադարձութեան, քանի իր ընտանիքին համար այլեւս ամէն իմաստով «կորած» երիտասարդ Կիւլիզարը` տգէտ, սակայն հաւատացեալ գեղջկուհի մը, պիտի յամառի պայքարելու` իր պատիւը վերականգնելու համար: Անատոլիոյ բնակչութեան մէջ, եւ նոյնիսկ` ամենէն համեստներուն, պատիւի զգացումը, ընտանեկան ու ամուսնական յարաբերութիւններու մէջ, հիմնական տեղ կը գրաւէր (կը գրաւէ մինչեւ այսօր):

Կիւլիզար պիտի օգտագործէ իր խելամտութեան ու խորամանկութեան բոլոր կարողութիւնները` մերժելու համար իր ճակատագիրը. կը յաջողի յաղթահարել վախն ու ամօթը, կը դատապարտէ Մուսա բէկը` Պիթլիսի մէջ կայացած դատարանի մը առջեւ կը հաստատէ, որ հայ է եւ քրիստոնեայ, կը դիմադրէ մահմետական խուժանի զայրոյթին ու կը յաջողի ազատ արձակուիլ: (25) Այսօր դժուար է պատկերացնել, թէ օրին ի՛նչ արձագանգ գտած է այս իրադարձութիւնը Կոստանդնուպոլիսէն Թիֆլիս, Լոնտոնէն Ս. Փեթերuպուրկ:

(26) Դիւանագիտական ճնշումի ներքեւ Օսմանեան կառավարութիւնը կ՛ընդունի Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Մուսա բէկի համար նոր դատավարութիւն մը կազմակերպելու սկզբունքը: Գեղամ մասնակից եղած էր երիտասարդ աղջկան ազատ արձակման համար առնուած քայլերուն: Մշոյ եպիսկոպոսին միջոցով ան պարտականութիւն կը ստանձնէ, Մարգար վարժապետի ընկերակցութեամբ (27),  ուղեկցելու Կիւլիզարին եւ տասնեակ մը հայ հայցաւորներու` Մուսա բէկի մեծ դատավարութեան, որ տեղի պիտի ունենար Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, 1889-ին: Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաք իր եռամսեայ այս այցելութիւնը Գեղամին համար առիթ մըն էր Վոսփորի ափերէն յայտնաբերելու Եւրոպան եւ կապեր հաստատելու Պոլսոյ (28) հայ մտաւորականութեան հետ: Փորձառութիւն մը, որ կը հասունցնէ զայն, կ՛ամրագրէ անոր յանձնառութիւններն ու գրողի կոչումը:

Երբ դատավարութենէն ետք Կիւլիզար կը վերադառնայ Մուշ, (29) Գեղամ կը խնդրէ անոր ձեռքը, կ՛ամուսնանայ անոր հետ եւ կը փրկէ «ազգային պատիւը» (1892): Երիտասարդ զոյգը, որ կ՛ապրի քիւրտերու վրէժխնդրութեան տեւական սպառնալիքին ներքեւ, կ՛ապաստանի Տիարպեքիր (1894): «Համիտեան ջարդերու» ահռելի շրջանն է, որ կը սկսի Սասնոյ մէջ ու կը տարածուի Անատոլիոյ տարածքին: Գեղամ կը դառնայ Տիարպեքիրի առաջնորդարանի քարտուղար, եւ այդ պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 1896-ի աւարտ: Կիւլիզարի ու իրենց առաջնեկին հետ հոն պիտի ապրի ահռելի փորձառութիւն մը` Տիարպեքիրի քրիստոնեայ բնակչութեան ջարդը (նոյեմբեր 1895) (30): Այս մասին ան մինչեւ 1911 (31) թուական որեւէ ակնարկ չի կատարեր, թէեւ երկարօրէն արձանագրութիւններ կը պահէ այդ տարածաշրջանի (ուր մեծ թիւով ներկայութիւն են քիւրտերը) հայկական «օճախներու», վարժարաններու եւ անոնց ժամանակավրէպ մանկավարժութեան, յաճախ աւերուած (32) եկեղեցիներու եւ վանքերու, ինչպէս նաեւ ձեռագրերու հանդէպ անտարբեր ու տգէտ հոգեւորականութեան մասին: Իսկ Ուրֆայի (նախկին Եդեսիա) եւ Այնթապի մէջ դասաւանդելով` առիթ կ՛ունենայ առաւել հարստացնելու իր տեսադաշտը: 1897-ին, երբ կացութիւնը համեմատաբար կը հանդարտի, Գեղամ կը վերստանձնէ Մշոյ իր պաշտօնը, որ կը պահէ մինչեւ 1908-ի յեղափոխութիւնը` բացառութեամբ 1898-ին ձերբակալուելէ ետք Մշոյ բանտին մէջ անցուցած քանի մը ամիսներուն: Զուգահեռաբար, թէ՛ մանկավարժութեան համար իր մտասեւեռեալ հետաքրքրութեան եւ թէ՛ ընտանիքին (33) կարիքները հոգալու անհրաժեշտութենէն մղուած` ան 1900-1906 կը դասաւանդէ Մշոյ Մխիթարեան վարժարանին մէջ:

Առաջնորդարանի քարտուղարի իր պաշտօնավարութեան շրջագիծէն ներս է անշուշտ, որ Գեղամ շարադրած է «Վիճակագիր Մշոյ առաջնորդական ամբողջ  թեմին»: (34) Այս թանկարժէք փաստաթուղթը պատրաստուած է պատրիարքարանի 5 յունուար եւ 21 յունիս 1902 թուակիր զոյգ շրջաբերականներով ներկայացուած պահանջին ի պատասխան: Կը վերաբերի դպրոցներուն, եկեղեցիներուն, վանքերուն, մատուռներուն եւ անոնց պաշտօնեաներուն:

Ան վիճակագրութիւնն է շուրջ երկու հարիւր քաղաքներու, գիւղերու, անուանեալ վայրերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրի պարագային կը նշուի առկայ հայ օճախներու, եկեղեցիներու վանքերու, ինչպէս եւ  ծառայողներու թուաքանակն ու անունները. հայ վարժարաններու առկայութեան պարագային` նաեւ անոնց ուսուցիչներու եւ աշակերտներու թուաքանակը: Այս փաստաթուղթը այսօր մեզի համար կը ներկայացնէ անգնահատելի արժէք` տեղանուններու ուսումնասիրութեան եւ պատմական ժողովրդագրութեան առումով, (35) սակայն անհնար է ըսել, թէ ան ինչպէս պատրաստուած է: Ցուցատախտակին պատկերը մռայլ է. գիւղերը ընդհանրապէ՛ս ունին խառն բնակչութիւն, եւ հայերը փոքրամասնութիւն կը կազմեն. քրիստոնէական բազմաթիւ սրբավայրեր լքուած են, եւ մեծամասնութեան պարագային, «դպրոց» գլուխը պարապ ձգուած է:

1908-ի Երիտթուրքերու յեղափոխութեան շրջանը կը ներկայացնէ Գեղամի, կեանքին երկրորդ մեծ շրջադարձը: Ապտիւլ Համիտ Բ.ի կողմէ 1876-ի սահմանադրութիւնը վերահաստատուած ըլլալով, Գեղամ առանց դժուարութեան, 1908-ի աշնան կ՛ընտրուի Մշոյ հայ երեսփոխան (մեպիւս) Օսմանեան խորհրդարանին մէջ,(36) որ կը գումարուի դեկտեմբերին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ: Ոչ մէկ կասկած, որ այս նոր կարգավիճակը կը շոյէ Գեղամին ինքնասիրութիւնը, որուն շնորհիւ ան մեծ լրջութեամբ կը ստանձնէ ժողովուրդի ներկայացուցիչի իր հանգամանքը: Ամբողջութեամբ կը նուիրուի այս գործին. կը սորվի քաղաքական կեանքի տարրական սկզբունքները` տարաբնոյթ տարրերէ, անփորձառու եւ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ մահմետականներէ բաղկացած կիսամիապետական այդ երկրի խորհրդարանին մէջ: Այնուհետեւ, ան կը բնակի Կոստանդնուպոլիս, սակայն կը հաղորդակցի իր ընտրողներուն հետ, կ՛արձանագրէ անոնց գանգատները, (37) եւ մինչեւ «օգոստոս 14», ամէն ամառ կը վերադառնայ Մուշ, «իր ժողովուրդին» մօտ: Ան միաժամանակ ընտրուած է Հայ ազգային ժողովի անդամ, ուր իր մասնակցութիւնը եղած է նոյնքան կանոնաւոր, որքան` զուսպ: (38) Գրագէտ-երգիծաբան Երուանդ Օտեան հայ երեսփոխաններու մասին սրախօսելով` կը գրէ, որ Գեղամ խորհրդարանի նիստերուն ժամանակ ելոյթ կ՛ունենայ միմիայն իր նահանգին` Տարօնի թշուառութեան մասին վկայելու համար.

Անոր խօսակցութեան միակ եւ յաւիտենական նիւթը Մուշն էր, գիւղացիներու գոյավիճակը, ցեղապետներու վայրագութիւնները, կառավարութեան կեցուածքը, [միայն] հողերու բռնագրաւում էր, կողոպուտ, աղէտ ու դժբախտութիւն:(39)

Սակայն «սարսափահար, մեղմ ու գրաւիչ աչքերով, համեստ ու տխուր, դարերու տառապանքի կնիքը դէմքին կրող» (40) մարդու պատկերի ետին կը գտնուէր ՀՅԴ-ի անդամ գործունեայ դաշնակցականը:

Ֆրանսերէնէ թարգմանեց`
ՀԵՐՄԻԿ ՆԵՐՍԻՍԵԱՆ

(Շար.2)

————————————

15.- Կը պահենք Պետրոսեանի նշած թուականը, «Գեղամ Տէր Կարապետեան» (տես. թիւ 4), էջ 8, թ.1: Այլուր երբեմն կը գտնենք 1865 թուականը:

16.- Ինչպէս Սասունցի Դաւիթի հերոսները:

17.- Գեղամ Տէր Կարապետեան կենսագրական տուեալներ փոխանցած է հօր մահուան նուիրուած յօդուածի մը մէջ, «Տէրտէրին մահը», «Մասիս» 30, 1902, էջ 481-484:

18.- Ստեղծուած Միացեալ ընկերութեան նախաձեռնութեամբ, ընկերակցութիւն, որ ծնած է Կոնստանդնուպոլիս, 1880-ին, հայկական երեք մշակութային ընկերութիւններու միացումով: (Տես. A. Ter Minassian «Sociétés de culture, écoles et presse arméniennes à l’époque d’Abdul-Hamid II» Revue du monde arménien moderne et contemporain 3, 1997, p. 7-30).

19.- Մ. Միրախորեան, «Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս արեւելեան Տաճկաստան»-ի (Voyage descriptif dans les provinces arméniennes de la Turquie orientale en 1882 . présente et annoté par J.-P. Kibarian, Paris 2013, p.53, n.107):

20.- Կ՛ենթադրուի, որ մէկ տարի եղած է Էջմիածինի Գերագոյն հոգեւոր ճեմարանը (այս տեղեկութիւնը հաստատուած չէ):

21.- Սուրբ Կարապետ վանքը, որ երկար ժամանակ եղած է առաջնորդարանին նստավայրը, եւ որուն վանահայրը նոյնինքն Մշոյ քահանան էր:

22.- Նահանգին պատմական անունը, որ մօտաւորապէս կը համապատասխանէ Պիթլիսի վիլայէթին:

23.- Գեղամի նամակները պահուած են Երեւանի Գրականութեան թանգարանի Սրուանձտեանցի հաւաքածոյին մէջ: Վարդապետ Սրուանձտեանց գործօն ներկայութիւն եղած է Տարօնի մէջ` 1862-1865 եւ 1869-1873: Հիացմունքով նկարագրած է Մշոյ դաշտի ու Սասնոյ բնանկարները, եղած է «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութեան գիւտարարը, յորդորած է մտաւորականութիւնը` «նահանգներու» մէջ հիմնելու հայկական վարժարաններ:

24.- Ա.Գեւոնեան, «Կիւլիզար» [Les noces noires de Gulizar,  հայերէնէ ֆրանսերէն թարգմանութիւնը` Ժ.Մուրատեանի, համալրուած` Ա. Տէր Մինասեանի Mémoires mêlées, եւ Գեղամ Գեւոնեանի` Tableau d՛un monde assassiné աշխատութիւններով]:

25 Մահմետական աշխարհի մէջ իր կրօնը ուրացողը մահուան կը դատապարտուէր:

26.- Մինչեւ այսօր, Վանէն Պիթլիս, Մուշէն Տիարպէքիր, քիւրտ աւանդական երգիչներ կ՛երգեն Կիւլիզարի ողբը:

27.- Մարգար վարժապետ (?-1894). Խարձի մօտակայքը գտնուող Վարդենիս գիւղի դպրոցի ուսուցիչը, որ 1893-ին ձերբակալուեցաւ եւ

1894-ին մահապատիժի ենթարկուեցաւ Պիթլիսի մէջ:

28.- Կոստանդնուպոլսոյ հայերէն անունը: Աշխարհի բոլոր հայերուն համար Իսթանպուլը կը մնայ` Պոլիս:

29.- Դատավարութեան վերջնական վճիռին համաձայն, Մուսա Բէկ կ՛աքսորուի  կայսրութեան արաբական մէկ նահանգը: 1915-ին զայն կը վերագտնենք Մշոյ դաշտին մէջ, ուր իր եղբայրներուն հետ կը մասնակցի հայոց ջարդերուն:

30.-G. Meyrier, Les Massacres de Diarbékir. Correspondance diplomatique du vice-consul de France, 1894-1896, [Կ. Մերիէ, Տիարպեքիրի ջարդերը». Ֆրանսայի փոխհիւպատոսի դիւանագիտական թղթակցութիւնները, 1894-1896], ներկայացուած եւ նոթագրուած` Գ.Մուրատեանի եւ Մ. Տիւրան-Մերիէի կողմէ, Փարիզ, 2000: Քիւրտերու կողմէ գործադրուած եւ վալիին կողմէ ղեկավարուած այդ ջարդերուն պատճառով մահացած եւ վիրաւորուած են աւելի քան 3000 հայեր եւ քաղդէացիներ:

31.- «Ես շատ սիրեցի Տիարպեքիրի հայերը: 1895-ին երբ առաջնորդարանի քարտուղար էի, անոնք քաջաբար դիմադրեցին քիւրտերու եւ թուրքերու»: «Ազատամարտ», թիւ 490, Կոստանդնուպոլիս, 1911:

32.- Տես «Ուղեւորի յիշատակներ», (նոթ 6), էջ 153-246 : Յօդուածներու շարք, 1894-ին եւ 1895-ին հրատարակուած` Արեւելքի մէջ:  Գեղամ Տիարպեքիրի եւ շրջակայքին մէջ լրագրողի դեր կը կատարէ, ուր կը ճամբորդէ ձիով: Ան միշտ մանրակրկիտ բացատրութիւններ կու տայ այցելած վայրերուն մասին. պարիսպներով շրջապատուած Տիարպեքիր քաղաքը, շրջակայ գիւղերը, կլիման, գետերը, կամուրջները, եւ վաճառականական հաղորդակցութեան համար յարմար կամ անյարմար ճանապարհները, Սիլուան հարուստ դաշտի գիւղատնտեսութիւնն ու հողագործութեան համակարգը: Յատուկ ուշադրութին կը դարձնէ աղջիկներու դաստիարակութեան, քոլերայի համաճարակին, տեղական հաւատալիքներուն, աղանդներուն եւ հայկական հասարակութիւնը երկփեղկող ազդակներուն («աղքատները» ընդդէմ «վաճառականներու»):

33.- Զոյգը չորս զաւակ ունեցած է:

34.- Ներկայացուած է առեւտուրի գիրքի մը ձեւաչափով (22,5 cm/32,5 cm), առանց թուականի, որուն 193 էջերէն 187-ը ծածկուած են մանիշակագոյն մելանով գրուած միեւնոյն ձեռագրով: ՀՅԴ արխիւներուն մէջ ան արձանագրուած է` «Գեղամ Գեւոնեանի (Տատրակ) աշխատութիւն», 1966/131 համարի ներքեւ: Աշխատութիւնը սիրայօժար կերպով մեզի փոխ տուած է Լոս Անճելըս բնակող Բաբգէն Սասունի, որ իր հերթին զայն գտած է իր հօր` Կարօ Սասունիի արխիւին մէջ:

35.- Գիտենք, որ ներկայ Թուրքիոյ տեղանուանագիտութիւնը նոյնը չէ, ինչ որ էր Օսմանեան կայսրութեան շրջանին: Սեւան Նշանեան, այժմ բանտարկուած` Թուրքիոյ մէջ, իր հետազօտական աշխատանքը կեդրոնացուցած է հին տեղանուանագիտութեան վրայ (հայկական, քրտական, ասորիական, արաբական, եւայլն): Հազարաւոր վայրերու առնչուող անոր անկատար մնացած աշխատանքը կարելի է տեսնել` այցելելով Index Anatolicus համացանցային կայք:

36.- Այլ երեսփոխան մը` Հոճա Իլիաս, կը ներկայացնէ Մշոյ թուրք եւ մահմետական ընտրողները:

37.- Համազգայինի Պէյրութի կեդրոնական արխիւը կը պահպանէ «Տէր Կարապետեան Գեղամ (Տատրակ)» անունը կրող արխիւ, թիւ 13/1: Հոն կը գտնենք Մշոյ քանի մը տասնեակ գիւղերու բնակիչներուն կողմէ Գեղամին ուղղուած նամակներու, զեկոյցներու եւ բողոքներու տասնեակ մը թղթածրարներ:

38 Ազգային ժողովը, հիմնադրուած` Օսմանեան կայսրութեան տարածքին Հայոց առաքելական եկեղեցւոյ հաւատարիմներու կեանքը կանոնաւորող 1863-ի «Ազգային սահմանադրութեան» որոշումով, ունէր հոգեւորական եւ աշխարհիկ 140 երեսփոխաններ, կ՛ընտրէր պատրիարքը, կը կառավարէր ազգային վարժարանները եւ այլն: Ան կասեցուած էր Ապտիւլ Համիտի կողմէ:

39.- Ե.Օտեան(1869-1926), «Մեր երեսփոխանները», 1914-ին «Մանանա» պարբերաթերթին մէջ հրատարակուած եւ 1959-ին Վենետիկի մէջ վերահրատարակուած շարք մը դիմանկարներ: Գեղամին նուիրուած վերլուծականը, էջ 36-39, ֆրանսերէնի թարգմանուած է Գ.Գեւոնեանի կողմէ` Կիւլիզար (Les noces noires de Gulizar) գործին մէջ (տես. թիւ 24), էջ 175-178: Գեղամ Տէր Կարապետեան, որուն «Տարօնի բու» մականունը տրուած էր, ծաղրանկարուած է գիշերային այդ գիշատիչի պատկերով:

40.- Նոյն տեղը:


Մեսրոպեան Ուղղագրութիւնը Ու Մեր Լեզուն

$
0
0

ՆԱՅԻՐԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Գաղտնիք չէ, որ հայութիւնը աշխարհի ամենահին ազգերից մին է: Հազարաւոր ու հազարաւոր տարիների ընթացքում, մենք պատերազմ ենք մղել, կայսրութիւն ենք ունեցել եւ քրիստոնէութիւն ենք պահպանել: Մեր դարաւոր պատմութեան մէջ շատ են եղել նաեւ ժամանակներ, երբ ասպատակող թշնամիները փորձել են մեզ ընկճել ու ձուլել՝ հայ ու Հայաստան չլինելու դիւային նպատակով:

Ի՞նչն է եղել մեր գոյատեւման գաղտնիքը: Այդ առեղծուածը պէտք է գտնել մեր հարուստ մշակոյթի, յատկապէս՝ մայր լեզուի զարգացման մէջ: Լեզուն ֆիզիկական չէ, բայց ամենաթանգակին գանձն է: Մայր լեզուն է, որ մնացել է կանգուն անկայուն ժամանակներում: Ոսկէ դարում, երբ Մեսրոպ Մաշտոցը ստեղծեց հայերէն այբուբենը, սկսեցին գրուել գրաբարեան մատեաններ, որոնք գրուեցին Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ: Հայերէն լեզուն անցաւ միջին դարերից, դարձաւ միջին հայերէն, յետոյ նոր զարգացում արձանագրեց՝ աշխարհաբարի շրջանում հարստանալով արեւելահայերէնով ու արեւմտահայերէնով: Սակայն, զարգացման այդ երկար փոփոխութիւնների ընթացքում, մեր ուղղագրութիւնը մնաց նոյնը՝ Մեսրոպեա՛ն: Մեր պապերը հաւատարիմ մնալով մաշտոցեան աւանդին՝ պահեցին ու պահպանեցին Մեսորպեան ուղղագրութիւնը: Սակայն Հայաստանի խորհրդայնացումով եւ Խորհրդային Հայաստանի անհեռատես ղեկավարների պնդումով, Աբեղեանական ուղղագրութիւնը որդեգրուեց մեր հայրենիքում, որին հետեւեց մեր մայրենին ռուսերէն բառերով ողողելու եւ ռուսականացնելու տխուր ժամանակները:

Հայաստանեան ու Մեսրոպեան ուղղագրութեան բանակռիւը բաժանել է ազգին: Այն հայերը, ովքեր ծնուել են Հայաստանում սովետական ժամանակներում, միա՛յն գիտեն հայաստանեան ուղղագրութիւնը, բայց անհրաժեշտ է նայել լրիւ նկարը ու մեր ամբողջ պատմութիւնը: Մեր աւելի քան հինգ հազար տարուայ պատմութեան մէջ միայն մի իննսուն տարի առաջ է սկսել Աբեղեանական ուղղագրութեան տարածումը: Նա միայն կարող է իննսուն տարուայ պատմութիւն ունենալ: Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը կապուած է մեր արմատներին՝ սկսեալ հինգերորդ դարից եւ ապրելով մինչեւ այսօր, մեր պատմութեան, քաղաքակրթութեան ու մշակոյթի հետ մէկտեղ:

Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը չհզօրացնելով՝ մենք կարող ենք կորցնել մեր լեզուի, մեր բառարանային գանձարանի ակունքները: Ահա՛ թէ ինչո՛ւ, մեծ լեզուագէտ Հրաչեայ Աճառեանը իր արմատական բառարանը գրեց Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ եւ մերժեց ու դէմ կանգնեց սովետների ճնշումներին: Ահա՛ թէ ինչո՛ւ մեծ հայագէտ Ստեփանոս Մալխասեանցը իր բացատրական բառարանը գրեց Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ, եւ ահա՛ թէ ինչու Հայաստանի վերանկախացումից յետոյ լեզուաբան Ռաֆայէլ Իշխանեանը փորձեց վերականգնել Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը Հայաստանում՝ գրելով Մեսրոպեան ուղղագրական կանոնների գրքոյկը դպրոցական աշակերտների իւրացման մակարդակով:

Մեր դպրոցում՝ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարաժարանում, հայերէն լեզուն սովորում ենք Մեսրոպական ուղղագրութեամբ: Մեր դասագրքերը, բառագիտութեան ձեռնարկները, լեզուի վարժութեան ու քերականութեան գրքերը գրուած են Մեսրոպեան ձեւով: Ուսուցիչները միշտ ճշդում են մեր ուղղագրական սխալները, որպէսզի գրենք ճիշդ՝ Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ: Որպէս հայոց դպրոց Սփիւռքում՝ Փիլիպոս վարժարանը իր աշակերտներին սովորեցնում է Մեսրոպեանը, որպէսզի մենք կապը չկորցնենք մեր արմատների, մեր լեզուի եւ մայր հողի հետ: Ուրախալի է, որ հիմա վերանկախացած Հայաստանում մեր լեզուագէտներն ու մտաւորականները, գրողներն ու թերթերը փորձում են մեր լեզուից դուրս հանել  օտարաբանութիւնները:

Իմ յոյսն է, որ Հայաստանո՛ւմ սկսեն գործածել նաեւ Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը: Եթէ մենք ուզում ենք մեր պատմութիւնը պահպահնել, ապա մենք պիտի միութիւն ունենանք: Լեզուի նպատակն է, որ անցեալի պատգամները յանձնի նոր սերունդին եւ նոր սերունդը իր սեփական պատմութիւնը կազմի եւ յանձնի ապագային: Լեզուով՝ մեր պատմամշակութային արժէքները մնում են յաւիտեան։

Յոյսով եմ, որ Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը Հայաստանում եւ Սփիւռքում կը հզօրանայ, որպէսզի մանր տարբերութիւնները լուծուեն, մանաւանդ ներկայ օրերում, երբ մեր նշանաբանն է՝ մէ՛կ ազգ, մէ՛կ հայրենիք:

Իրաքի Քիւրտիստանի Անկախութեան Հանրաքուէի Փորձը

$
0
0

ԿԱՐՕ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի հանրաքուէն իրականանալէն ետք, կարծէք, ժամանակի թաւալումը արագացաւ:

Սուրիոյ եօթնամեայ տագնապին վերջին երկու- երեք տարիներուն շաբաթական հերթականութեամբ յիշուեցաւ քիւրտերու եւ կամ անոնց զինուած կազմակերպութիւններուն մասնակցութիւնը այդ պատերազմին Սուրիոյ` Թուրքիոյ հետ սահմանամերձ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ, ուր կարգ մը գիւղերու կամ քաղաքներու մէջ անոնք համեմատական մեծամասնութիւն կը կազմէին (համեմատական բառը կ՛ուզեմ շեշտել եւ ընդգծել): Ասոր զուգահեռ, Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ, որ երկար տարիներէ ի վեր կը վայելէր լիիրաւ ինքնավարութիւն, կեանքը բնականոն կ՛ընթանար, իսկ քիւրտերով բնակուած Սուրիոյ կարգ մը շրջաններ կը գրաւուէին ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ, կամ կ՛ոտնակոխուէին թրքական բանակին կողմէ:

Հարկ է նշել, որ իրավիճակի մեծ տարբերութիւն կայ Սուրիոյ մէջ բնակող քիւրտ զանգուածներուն, որոնք մեծամասնութեան եկուորներ են Սուրիոյ անկախութենէն ետք եկած, եւ որոնք ընդհանրապէս փախուստ տուած թրքական իրերյաջորդ վարչակարգերուն անարդարութենէն, եւ` Իրաքի հիւսիս-հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ ապրող քրտական զանգուածին միջեւ, որուն պատմական հողաշերտն է այդ լեռնաշխարհը` դարերէ ի վեր, եւ որուն ինքնավար ու կիսանկախ իրավիճակը կու գայ 1920-ական թուականներէն (Լոզանի դաշնագիր… եւ այլն), նաեւ` 1970-ական թուականներուն իրականացուած ինքնավարութեամբ, որուն ձգտեցան քիւրտերը Իրաքի մէջ` Հասան Պագըր նախագահի օրերուն, եւ որուն մարտերը կը ղեկավարուէին քրտական ինքնավար մարզի այժմու նախագահին հօր` Մուսթաֆա մոլլա Պարզանիի կողմէ:

Այս անկախութիւնը աւելի ամրագրուեցաւ, երբ ամերիկեան եւ արեւմտեան բանակները տապալեցին Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգը Իրաքի մէջ, եւ` յաջորդող տարիներուն, երբ մշակուեցաւ նոր սահմանադրութիւնը. հոն եւս օրէնքներով ամրապնդուեցաւ այդ մէկը:

Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգի տապալումով ամերիկեան բռնագրաւումը, մինչեւ Իրաքի քաղաքական բեմի կարգաւորումը, երկիրը խրեցաւ ապահովական անկայունութեան տիղմին մէջ, մինչ քրտական այդ ինքնավար շրջանը (Էրպիլ, Սուլէյմանիէ…) դարձաւ ովասիս մը «խաղաղութեան», որ վերածուեցաւ իսկական` տէ ֆաքթօ անկախ պետութեան, ուր կը վխտային արեւմտեան երկիրներու եւ Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութիւններու գործակալներ`  ի հեճուկս կեդրոնական կառավարութեան, եւ այսպիսով կը հովանաւորուէր այդ «անկախութիւնը»:

Այդ վարչատարածքներէն չքացաւ Իրաքի կարմիր-ճերմակ-սեւ դրօշակը, որուն տեղ բարձրացաւ քրտական «նորաստեղծ» դրօշակը` դեղին-ճերմակ-կանաչ եւ արեւով դրոշմուած:

Պետական-պաշտօնական գրասենեակներէն վար առնուեցան տապալած Սատտամ Հիւսէյնի նկարները, սակայն անոր տեղ չբարձրացան Իրաքի նախագահին (կամ նախագահներուն) նկարները: Նոյնիսկ յետսատտամեան առաջին նախագահին` Ժալալ Թալապանիի (որ քիւրտ էր) նկարը չզետեղուեցաւ այնտեղ, այլ «գրաւուեցաւ» ինքնավար մարզի նախագահ` Մասուտ Պարզանիի նկարին կողմէ (որուն համար կ՛ըսուի, թէ մայրը հրեայ է):

Ընդգծենք, որ Պարազանիի մրցակից Ժալալ Թալապանին, որ քրտական Ազգային միասնութեան կուսակցութեան ղեկավարն էր ինքնավարութեան համար մղուած պայքարի օրերէն, Իրաքի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութեան հաւատացողն էր` ինքնավարութեան հետ միատեղ:

Նոյնիսկ հաստատութիւններու, պետական գրասենեակներու ցուցատախտակներէն վերցուեցան արաբերէն արձանագրութիւններն ու յայտարարութիւնները: Իսկ պետական գրասենեակներուն մէջ գործածական գրաւոր լեզուն քրտերէնն էր:

Ինքնավար մարզը, Արեւմուտքի աջակցութեամբ, կազմած էր իր սեփական բանակը` լաւապէս զինուած, որուն «փեշմերկաներ» անունը տրուած էր: Իսկ Կեդրոնական կառավարութեան զինեալ ուժերը այնտեղ մտնելու համար «արտօնութիւն» պէտք էր առնէին ինքնավար մարզի միատէր նախագահ Մասուտ Պարզանիի կառավարութենէն:

Ինքնավար մարզի դրամատնային համակարգը առնչութիւն չունէր Իրաքի Կեդրոնական դրամատան հետ, իսկ ամերիկեան թէ արեւմտեան դրամանիշներու գործածութիւնը գերակշիռ էր այնտեղ:

Նաւթարդիւնաբերութեան եկամուտները, համաձայն սահմանադրութեան, պէտք էր կուտակուէին Կեդրոնական իշխանութեան մօտ, որ արդար իրաւունքը պիտի յատկացնէր շրջանի իշխանութեան: Սակայն իրողութիւնը այդպէս չէր: Այդ եկամուտը ո՛չ միայն կեդրոնական իշխանութեան կողմէ չէր հակակշռուեր, այլ նոյնիսկ քրտական կառավարութիւնը անոր վրայ հակակշիռ չունէր, անոր` նաւթին միահեծան տէրը նախագահ Պարզանին էր:

Կ՛ըսուի, թէ անոր «նաւթային» եկամուտները կը գերազանցեն 200 միլիառ տոլարը: Նաւթը կ՛արտածուէր Թուրքիոյ ճամբով, ուր նաեւ կը գերիշխէր «Էրտողանի» նաւթային ստուերային խմբակը, որ միաժամանակ կը ծծէր, ՏԱՀԵՇ-ի միջոցով, սուրիական նաւթը: Անշուշտ այս նաւթային «աւարէն» մեծագոյն օգտուողը կը հանդիսանար Իսրայէլը, որ ամէնէն աժան գիներով կը գնէր նաւթը:

Իսկ երբ «Քիւրտիստանի» խորհրդարանը հարցապնդումի նիստ մը գումարելու նախաքայլը կ՛առնէր, իր իշխանութեան ժամկէտը վաղուց աւարտած նախագահ Պարզանին կը ցրուէր խորհրդարանը:

Օգտուելով ՏԱՀԵՇ-ի Մուսուլ ներխուժումէն եւ գրաւումէն` Պարզանիի ուժերը կը ներխուժէին Քերքուք քաղաքը եւ համանուն նահանգը, ուր կը գտնուէին Իրաքի հիւսիսի շրջանի հարուստ նաւթահորերը: Այդ շրջանը անշուշտ դուրս կը գտնուէր ինքնավար մարզի վարչական շրջանէն եւ բնակուած էր արաբներով, թիւրքմեններով, քիւրտերով, ասորիներով, հայերով եւ այլն:

Եղածը իսկական բռնագրաւում էր: «Ներքին» բռնագրաւում:

Այսպիսով, այնտեղ տնտեսական կեանքը կ՛ապրէր ծաղկում եւ վերելք: Աշխարհի չորս ծագերէն հոն կը թափէին գործարարներ, արհեստաւորներ, երկրաչափներ, բժիշկներ, ճարտարագէտներ եւ այլն: Կ՛ըսուի, որ անոնց թիւը կը գերազանցէր մէկ միլիոնը:

Արեւմուտցիք իրազեկ էին այս ստուերային պետութեան ապօրինի քայլերուն. նոյնիսկ կը հովանաւորէին, կը պաշտպանէին զայն` ի հեճուկս կեդրոնական իշխանութեան, որ կորսնցուցած էր երկրին աշխարհագրական տարածքին կէսը, գրաւուած` քիւրտերուն եւ ՏԱՀԵՇ կոչուած ահաբեկիչներուն կողմէ, եւ գրեթէ անզօր էր,  առաջին հերթին, տէր կանգնելու ո՛չ միայն հայրենի հողին, այլեւ` ազգային արժանապատուութեան: Իրաքի Քրտական մարզը ինքնավար չէր, այլ աւելի՛ն. տէ ֆաքթօ անկախ պետութիւն դարձած էր:

Անոր այս «անկախութիւնը» կը հանդուրժէր Թուրքիան, մինչեւ այն ատեն որ անոնք հանրաքուէով եւ անոր յաջորդող քայլերով չէին ամրագրեր զայն:

Սակայն Սուրիոյ եւ Իրաքի ներքին տագնապները, որոնց հեղինակներն էին Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպան, շատ մը հաւասարակշռուած դրոյթներ տակնուվրայ ըրին:

Եւ այսպէս, քաջալերուած ստեղծուած կացութենէն, հովանաւորուած ու հրահրուած Իսրայէլէն ու Միացեալ Նահանգներէն, անոնք` քիւրտերը, նախաձեռնեցին հանրաքուէի «բախտախաղին»:

Անշուշտ որ վերոյիշեալ երկու երկիրներուն տագնապներուն մէջ գլխաւոր դերակատար դարձած էին Թուրքիան` առաջին իսկ օրերէն, որպէս ահաբեկչական կառոյցներու, զինման, մարզումի, ֆինանսաւորման, առաքման եւ պաշտպանման գլխաւոր խարիսխ, ապա Իրանն ու Ռուսիան` Սուրիոյ իշխանութեան պաշտպանները:

Անկախ Քիւրտիստանի մը տէ ժիւրէ, օրէնքով, միջազգայնօրէն ճանչցուած, գլխաւոր սպառնալիքը կրնար հանդիսանալ օսմանեան սահմաններուն հասնիլ ձգտող Թուրքիոյ համար:

Հոն կ՛ապրէր 20 միլիոնի հասնող քիւրտ զանգուած մը` ճիշդ Իրաք հիւսիսային սահմանին կից: Եւ իրաքեան անկախ Քիւրտիստանի մը հարեւանութիւնը իսկական սպառնալիք էր կայսրութեան ձգտող Թուրքիոյ համար. այդ պատճառով ալ հանրաքուէի կայացումը ջղագար դարձուց զայն, եւ այդ մղձաւանջը աւելի քան 18 ամիսներ առաջ զայն` Թուրքիան, հեռացուց իր պատմական դաշնակիցներէն` ՕԹԱՆ-էն եւ Միացեալ Նահանգներէն, մերձենալով շրջանին մէջ դրօշակիրի հանգամանքը ստացած, Սուրիոյ պետութեան, Իրանին եւ Իրաքին նեցուկ կանգնող Ռուսիոյ:

Թուրքիոյ քրտահոծ` հարաւարեւելեան նահանգներուն մէջ անսանձօրէն կը գործէ քրտական ազատագրական ամենայանդուգն կազմակերպութիւնը` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը` ՔԱԿ-ը, թէկուզ անոր պարագլուխը` Ապտիւլլա Օճալանը արգելափակուած կը մնայ թրքական բանտը: ՔԱԿ-ը, անուանափոխուած, իր ռազմական գործօն մասնակցութիւնը ունէր Սուրիոյ հիւսիսային նահանգներուն մէջ, իբր թէ ՏԱՀԵՇ-ին դէմ կը մարտնչէր, սակայն խորքին մէջ Միացեալ Նահանգներու շահերը կը պաշտպանէր` որպէս անոր վերջին խաղաքարտը:

Թուրքիոյ մէջ թուրք-քիւրտ բախումները ամէնօրեայ բնոյթ կը կրէին, թէկուզ Թուրքիոյ կողմէ շրջափակման ենթարկուած էին այդպիսի լրատուութիւնները:

Թրքական քրտաբնակ քաղաքներուն մէջ բախումները այդ քաղաքները աւերակներու կը վերածէին, յար եւ նման` սուրիական քաղաքներուն (օրինակ` Գամիշլիի դիմաց գտնուող Նիսիպին (Մծբին) քաղաքը, որ կիսաւեր դարձած է):

Թուրքիա, որ «հոգեհայրն» էր Սուրիան քարուքանդ ընող ՏԱՀԵՇ-ի, Նուսրայի եւ հարիւրէ աւելի անուններ կրող ահաբեկչական խմբակներուն, այս անգամ ինք կը սարսափէր «քրտական ահաբեկչութենէն»:

Թուրքիոյ գլխուն կախուած դամոկլեան սուր դարձած էին Սուրիոյ կիսաքրտաբնակ շրջաններուն մէջ գործող քիւրտ ու արաբ խառն զինեալ կազմակերպութիւնները, որոնց նպատակն էր իբր թէ հեռացնել ՏԱՀԵՇ-ի վտանգը:

Առանց խորանալու տագնապին ժամանակագրութեան մանրամասնութիւններուն մէջ` կարելի է կատարել կարգ մը ընդգծումներ.

– Իրաքի քրտական շրջաններէն քիւրտ փեշմերկաներու ստուար թիւ մը ուղղուեցաւ Սուրիոյ հիւսիսը` նեցուկ կանգնելու այնտեղի իրենց եղբայր զինեալներուն:

– Նոյն ժամանակ Ռուսիոյ  օդուժին եւ նոյնիսկ խորհրդատու բանակայիններու` Սուրիոյ ազգային բանակին օժանդակութիւնը կը բազմապատկուէր, իրանեան, իրաքեան եւ լիբանանեան ` (Հըզպալլահ) զինեալ կազմակերպութիւններու գործնական մասնակցութեան կողքին:

– Քրտական կարգ մը զինեալ կազմակերպութիւններ, որոնք զինուած էին նոյնիսկ սուրիական բանակին կողմէ, կ՛անցնէին ամերիկեան հովանաւորութեան տակ, որոնք ամերիկացիք Սուրիոյ հիւսիսային կարգ մը շրջաններուն մէջ ռազմակայաններ կառուցած էին` անտեսելով եւ ոտնակոխելով Սուրիոյ գերիշխանութեան իրաւունքները:

Իրաքեան, իրանեան, սուրիական եւ թրքական քրտաբնակ կամ քրտաշատ շրջաններուն մէջ ամբողջական եւ ազատ Քիւրտիստանի մը երազը իրականութիւն դարձնելու ձգտումներով ու յոյսերով քիւրտեր կը մէկտեղուէին Սուրիոյ հիւսիսը:

– Սուրիական տագնապին մէջ մինչեւ ականջները խրած, արեամբ թաթախուած, շրջանային պետութիւններուն (յատկապէս Իրանի) եւ Ռուսիոյ քաղաքատնտեսական եւ զինուորա-ապահովական ճնշումներուն տակ, Քիւրտիստանի մը ծնունդին սարսափը ապրող ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիան, յուսալքուած` իր արեւմտեան դարաւոր դաշնակիցներէն, կը հեռանար անոնցմէ` մերձենալով օրըստօրէ հզօրացող Ռուսիոյ քաղաքական վարքագիծին եւ ուղիներուն, երկդիմի քաղաքականութեամբ, իբր թէ` նախանձախնդիր Սուրիոյ (եւ իր) հողային ամբողջականութեան, կը ներխուժէր Սուրիոյ հիւսիսային կեդրոնական շրջաններ` Իտլիպի նահանգ եւ Հալէպի նահանգին հիւսիս-արեւմուտք, ուր հաւաքուած էին քրտական զինեալ կազմակերպութիւններ` (Աֆրին քաղաք եւ շրջակայք), ինչպէս նաեւ` Քայիտայի ծնունդ Նուսրա, Ահրար Շամ… եւ ամէն փուլի անուանափոխութիւն կատարող ահաբեկչական արիւնարբու զինեալ խմբակներ:

– Միացեալ Նահանգները, անոր դաշնակից արաբական կամ Ծոցի երկիրները, եօթնամեայ տագնապին ընթացքին անկարող եղան իրենց նախատեսած քաղաքականութիւնը պարտադրելու կամ տագնապը իրենց փափաքած ուղղութեամբ տանելու. այդ ձախողութիւնը, այլ առարկայական գործօններու ճնշման տակ, Ծոցի երկիրներուն միջեւ բախումներ ստեղծեց, ինչ որ Միացեալ Նահանգները, Սէուտական Արաբիան եւ Միացեալ Էմիրութիւնները հակադրեց Թուրքիոյ եւ Քաթարի, ինչ որ իր անմիջական անդրադարձը ունեցաւ շրջանային երկիրներու յամեցող տագնապներուն վրայ` թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ Իրաքի պարագային, ինչպէս նաեւ` անոնց տագնապներուն մէջ ներքաշուած Իրանի:

– Միացեալ Նահանգները իրենց տնտեսական դժուարութիւնները հարթելու համար աւելի սերտօրէն կը յարաբերէին Սէուտական Արաբիոյ հետ`, անկէ «խլելով» մօտ 500 միլիառ տոլարի գումար մը, իբր թէ անոր օժանդակելու` դուրս բերելով սուրիական եւ եմէնեան տիղմերէն:

Անշուշտ այս բոլորին ետին պէտք է փնտռել Իսրայէլի ապահովութիւնը պահպանելու մղձաւանջը, որուն համար ան Սուրիոյ թէ Իրաքի տագնապին ռազմական նեցուկ եւ երբեմն ալ մասնակցութիւն կը բերէր: Իսրայէլը միակ երկիրը հանդիսացաւ, որ բացայայտօրէն քաջալերեց քիւրտերը` տագնապին մէջ խրելու եւ հանրաքուէն իրագործելու, բան մը, որ Միացեալ Նահանգները չյանդգնեցան կատարել, թէեւ վարագոյրին ետին գլխաւոր դերակատարը հանդիսացած էին:

Վերջապէս, այսպիսի պայմաններու մէջ զարգացաւ ու գործադրուեցաւ իրաքի քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէն:

Բացի Իսրայէլէն` հանրաքուէն կը մերժուէր բոլոր երկիրներուն կողմէ:

Այս բոլորէն անկախ, Արեւմուտքը մղձաւանջ մըն ալ կ՛ապրէր` ափրիկեցի եւ սուրիացի գաղթականներու հոսքը, որուն վրայ կրնար աւելնալ քիւրտ գաղթականներու հոսքը:

Իսկ Իրան չէր մոռցած 1946-ի Մահապատի քրտական «հանրապետութեան» ձախող փորձը:

Վերի տողերուն մէջ նշեցինք արդէն Սուրիոյ տագնապին մէջ գործօն դերակատարութիւն ունեցող քիւրտերու մասնակցութիւնը. անոնք ՏԱՀԵՇ-ի հետ փոխհամաձայնութիւններով, առանց փամփուշտ մը կրակելու կը տիրապետէին երեք տարիներէ ի վեր ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ բռնագրաւուած Ռաքքա նահանգին ու քաղաքին, ինչպէս նաեւ` Սուրիոյ քարիւղի 40 առ հարիւրը մատակարարող Տէր Զօրի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Օմարի նաւթահորին: Մինչ այդ սուրիական բանակը, կիսով ազատագրուած Տէր Զօրէն կ՛արշաւէր դէպի Իրաքի սահմանին նստած Ապու Քամալ քաղաքը, որ նաեւ երեք տարիէ ի վեր կը հիւծէր ՏԱՀԵՇ-եան լուծին տակ:

Հոս պէտք է ընդգծել, որ Միացեալ Նահանգներ ՏԱՀԵՇ-ը կը փոխարինէին քիւրտերու զինեալ խմբակներով:

Թուրքերը ներժումով կը սպառնային Իրաքի քրտական մարզին:

Տարիներէ ի վեր նաւթի յափշտակութեան գործընկերներ` Պարզանին եւ Էրտողանը այս հանրաքուէով այդ ստուերային «գործընկերութիւնը» կը կասեցնէին, որովհետեւ (Էրտողանի յայտարարութեամբ) հանրաքուէն կը սպառնար Թուրքիոյ ո՛չ միայն ռազմատնտեսական շահերուն, այլ նաեւ անոր հողային ամբողջականութեան:

Այսպիսի պայմաններու մէջ իրագործուած հանրաքուէն մէկ օրուան մէջ այդ ինքնավար մարզը կը դնէին տնտեսական, վարչական… պաշարման տակ: Դրացիները կը սպառնային ամէն կապ խզելով եւ շրջափակման մէջ առնելով այդ շրջանը` փաստօրէն զայն խեղդել եւ սովամահ ընել:

Պարզանին, ծուղակի մէջ ինկած, անկարող` մարզը գործնապէս պաշտպանելու, չէր յանդգներ անկախութիւն հռչակել:

Իրաքի կեդրոնական կառավարութենէն եւ Իրանէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ կը փութային Իրպիլ` բանակցելու կամ սպառնալու:

Աւելի՛ն. ստեղծուած քաղաքական իրավիճակէն օգտուելով, Մուսուլ նահանգը ՏԱՀԵՇ-եան ճիրաններէն նոր ազատագրած իրաքեան բանակը կ՛արշաւէր Քերքուք` նաւթառատ նահանգն ու քաղաքը ազատագրելու բռնագրաւող փեշմերկաներուն ձեռքէն, որոնք համարեա առանց կռիւի կը նահանջէին դէպի Ինքնավար մարզի վարչական սահմաններ: Նոյնը կը պատահէր եզիտիներով բնակուած Սինճարի մէջ:

Պարզանին եւ իր կուսակցութիւնը կ՛ամբաստանէին քրտական Ազգային միասնականութիւն կուսակցութեան զինեալները` դասալքութեան մէջ. անոր ղեկավարը` Իրաքի առաջին նախագահ Ժալալ Թալապանիի որդին, կը կարծուէր, թէ լեզու գտած էր կեդրոնական կառավարութեան հետ: Չմոռնանք, որ նորոգ հանգուցեալ Ժալալ Թալապանի եւ իր կուսակցութիւնը կողմնակից էին ինքնավար Քիւրտիստանի մը` իրաքեան հողային ամբողջականութեան մէջ:

Պարզանիին հրաժարման պահանջի ձայները կը բարձրանային ու կը բազմապատկուէին:

Եւ այսպէս, քանի մը շաբթուան մէջ իր սաղմին մէջ կը խեղդուէր անկախութեան համար իրագործուած հանրաքուէին արդիւնքը:

Ինքնավար մարզը կը կծկուէր Իրաքի սահմանադրութեամբ ընդունուած վարչական սահմաններուն մէջ (երեք նահանգներ):

Տակաւին յստակ չէ քարիւղի եկամուտներու արդար բաժանման եւ տնտեսական միւս` ցարդ չիրագործուած պարտաւորութիւններուն ճակատագիրը, սակայն յստակ է, որ կեդրոնական իշխանութեան ազդեցութիւնը կը զօրանար այնտեղ:

Երկու խօսք ալ` «երազային» միացեալ Քիւրտիստանի աշխարհագրական տարածքին մասին:

Իրաքի քրտական մարզը արդէն ուրուագծուած եւ վերջնական դիմագիծ ստացած է. սահմանագծուած եւ որպէս ինքնավար պետութիւն ստացած է խորք ու ձեւ:

Իրանի հիւսիսարեւելեան տարածաշրջանին մէջ անկախութիւն եւ պետութիւն «խաղալու» տուեալները շատ նուազ են իրաքեան շրջանին համեմատ:

Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան քիւրտերով բնակուած շրջանները, անկախ քիւրտերու եկուոր եւ վերջին 40-50 տարիներուն հոն քաղաքացիութիւն ստանալու իրողութենէն արաբներով, ասորիներով բնակուած խառն շրջաններ են: Կան զուտ քրտաբնակ աւաններ, գիւղեր եւ անոնց կից` արաբներով բնակուած նմանօրինակ բնօրրաններ: Գուցէ յառաջիկային անոնց տրուի վարչական, մշակութային եւ այլ ինքնակառավարման իրաւունքներ, սակայն անկախանալու տուեալները հեռու են իրատեսական ըլլալէ:

Այնտեղ քիւրտերուն կամ անոնց կարգ մը զինեալ կառոյցներուն անկախանալու երազանքները շոյեցին ամերիկացիք, անոնք, ՏԱՀԵՇ-ի ուժի եւ կարողականութեան նուազումով, խաղաքարտ դարձած են Միացեալ Նահանգներուն ձեռքը:

Հիմա անոնք սուրիական բանակի ազատագրական սրարշաւ երթը կասեցնելու եւ դանդաղեցնելու միջոց են, որպէսզի սահմանին միւս կողմէն նոյնպէս սրընթաց արշաւող իրաքեան բանակին միանալու արգելք հանդիսանան, ինչպէս նաեւ անոնք, տիրելով այդ շրջաններուն, որոնք հարուստ են ջուրով եւ քարիւղով եւ գիւղատնտեսական (ցորեն, բամպակ, գարի… եւ այլն) շրջաններ են, Միացեալ Նահանգներու համար Սուրիոյ, Իրանի եւ Ռուսիոյ վրայ ճնշման միջոցներ են բանակցութիւններու ընթացքին:

Քիւրտերու անկախութիւն ստանալու սպառնալիքը հիմնականին մէջ Թուրքիոյ քունն է, որ կը խանգարէ. Թուրքիոյ մէջ քիւրտերը աշխարհագրական եւ թուական լուրջ գործօններ են` թուական եւ տարածքային իմաստով Թուրքիոյ քառորդին վրայ գտնուելով:

Թուրքիոյ քիւրտերով բնակուած շրջաններուն մէջ անպակաս են անոնց զինեալներուն եւ թրքական բանակին միջեւ տեղի ունեցող ամէնօրեայ բախումները, որոնք յաճախ ծաւալուն վիճակ կը ստանան:

Այսուհանդերձ, Իրաքի քիւրտերուն կատարուած հանրաքուէն, յաջողած թէ ձախողած ելքերով, եւ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ զինեալ կազմակերպութիւններ ունենալու իրողութիւնը կու գան հաստատելու մէկ շատ կարեւոր իրականութիւն, որ` քիւրտերու անկախանալու տենդը բռնկած է եւ զայն կարելի չէ մարել:

Վաչկատուն թէ նստակեաց, զարգացած թէ տգէտ, քիւրտ հասարակութեան մէջ բորբոքած է այդ` անկախութեան ապրումը եւ ուշ կամ կանուխ, փուլ առ փուլ կամ` մէկ անգամէն, անոնք պիտի տիրանան այդ իրաւունքին:

Քրտական «հանրաքուէի» այս փորձառութիւնը շատ բան ունի ըսելիք մեզի` հայերուս, որ ունինք ազգային Դատ:

Ունինք ազատ-անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն, որ կայացած եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած պետութիւն է:

Ունինք Արցախի Հանրապետութիւն, որ հանրաքուէ իրագործած է, սակայն ցարդ չէ ճանչցուած միջազգային ընտանիքին կողմէ, եւ իր ազատութիւնն ու անկախութիւնը թուրք-ազերիական ռազմական սպառալիքի տակ կը գտնուի:

Ունինք հոծ հայութեամբ բնակուած Ջաւախք, որ կը մնայ վրացական տարածքին մէջ, ուր կը կիրարկուի հակահայ քաղաքականութիւն:

Եւ կարեւորագոյնը` ունինք բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի պատմական տարածք, որ պարպուած է իր հայկական բնակչութենէն եւ բնակեցուած է թուրքերով ու քիւրտերով:

Պայքար ունինք այդ տարածքները իր պատմական տիրոջ` Հայ ժողովուրդին վերադարձնելու: Դժուար պայքար, նոր օսմանեան կայսրութեան դէմ:

Քիւրտերու այս անկախութեան հանրաքուի փորձը մեզի յաւելեալ փորձ մըն է լաւապէս ճանչնալու մեր թշնամին, հարեւաններն ու աշխարհը:

Քեսապ, 27 հոկտեմբեր 2017

Խմբագրական «Գանձասար»-ի –Նոյեմբեր Բ. –Տէր Զօրի Պատգամը

$
0
0

3 նոյեմբերին Սուրիոյ բանակն ու դաշնակից ուժերը վերջնականապէս ազատագրեցին սուրիական անապատին մէջ դիմադրողականութեան ու վերածնունդի խորհրդանիշ դարձած Տէր Զօր քաղաքը:

Այս յաղթանակը Սուրիոյ ժողովուրդի կեանքին մէջ անկիւնադարձ մը հանդիսացաւ` քանի մը պատճառներով.

Այստեղ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ամենավտանգաւոր թաքստոցը մէկանգամընդմիշտ ոչնչացաւ, իսկ օրեր անց անոնց վերջին որջը` Պուքամալը եւս ազատագրուեցաւ ու ՏԱՀԵՇ խարխափած նահանջեց` թալանիչ իր թաթը քաշելով Սուրիոյ քարիւղի հանքերէն ու ջրամատակարարումի գլխաւոր կեդրոններէն:

Տէր Զօրի եղեռնաշունչ անապատի աւազներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու աճիւններուն միացաւ Սուրիոյ ժողովուրդի նահատակներուն արիւնը: Միեւնոյն բարբարոսին դէմ դնող ու մարտնչող ժողովուրդներուն նահատակները, թէեւ` թիւով անհամեմատելի, Տէր Զօրի անապատին մէջ միացան ու աւազը դարձաւ անարդարութեան դէմ մշտապէս բոցավառող լաւա:

102 տարի վերջ Տէր Զօրը հաստատեց, որ անապատը ծովերէն, լեռներէն աւելի մեծ ուժ կը պարփակէ իր մէջ: Անապատի աւազներուն, Եփրատի ջուրին միախառնուած հայ նահատակներուն աճիւնները 102 տարի վերջ, այս անգամ սուրիական տագնապի բովէն դուրս եկած մեր ժողովուրդին վերապրումը, յարութիւնը աւետեցին:

Անոնց պոռթկումը աւելի ուժեղ էր երբեմն, քան` ապրողներունը:

Տէր Զօրը պատգամեց, որ արդարութեան հասնելու մէկ ուղի կայ` պայքարի ուղին, իսկ այդ ուղիին վրայ յուսահատները տեղ չունին:

Համահայկական այս ուխտատեղին գետնին հաւասար դարձնելու պատուէրով յուշահամալիր ներխուժած վարձկանները չէին իսկ ըմբռնած, որ աւազին ընդերքէն կու գար Տէր Զօրի ուժը, իսկ պայքարող ժողովուրդի մը հետքը քարաշէն իր ուխտավայրը քանդելով չէր անհետանար, որովհետեւ այդ հետքը դրոշմուած էր աւազի իւրաքանչիւր հատիկի վրայ:

Անոնք ինչպէ՞ս ըմբռնէին, որ նահատակները ապրողներուն չափ ու ապրողներէն աւելի  ուժեղ են ու դիմացկուն:

Տէր Զօրի համահայկական ուխտատեղին, երկրորդ անգամ ըլլալով, թրքական բարբարոսութեան փաստը վեր առաւ:

Այժմ Տէր Զօր կանգուն է ու վերագտած է իր ազատութիւնը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հաստատեց. «Քանդուած Տէր Զօրը եւս պիտի վերաշինենք հաւաքական հաւատքով ու յանձնառութեամբ»:

Տէր Զօրի անծաղիկ անապատին մէջ կանգնած Հայոց ցեղասպանութեան համահայկական ուխտավայրը` Նահատակաց Յուշահամալիրը մեր հաւատքի փարոսն էր, իր շուրջ կը համախմբէր համայն հայութիւնը: Այսօր ան կիսաքանդ դարձած կը ճառագայթէ նոյն ուժգնութեամբ, որովհետեւ ուժ կ՛առնէ իր արմատները պահպանող հայ նահատակներու աճիւններէն եւ կոչ կ՛ուղղէ տէր կանգնելու Հայոց ցեղասպանութեան ու հայ ժողովուրդի Յարութեան վկայարանին: Այն վկայարանին, ուր մարտ 2010-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելութիւն տալով` խօսքը ուղղեց միջազգային հանրութեան ու ըսաւ. «Ես, այսօր, այստեղ, որպէս համայն հայութեան հայրենիքին`  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, կը հարցնեմ, թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր տեղի պիտի ունենայ հայերուն Նիւրեմպերկը»:

«Գ.»

Սարգիս Զէյթլեան Դաշնակցական Խմբագիրը, Գործիչը, Ղեկավարը

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ

Մարտի ամպամած ցուրտ օր մըն էր, խենթ քամի մը կը փչէր, երբ երեկոյեան գործէս վերադարձայ:

Հազիւ տուն մտած` հեռաձայնը հնչեց: Մայրս էր, հարց կու տար, թէ այդ օր առաւօտ Պուրճ Համուտի մէջ պատահած ոճիրէն տեղեա՞կ էի, արդեօք յաւելեալ մանրամասնութիւններ ունէի՞, թէ հօրաքրոջ թոռը` Պուրճ Համուտի ծանօթ գոհարավաճառ Հրանդ Քիւրքճեանը իր գործատեղիին մէջ սպաննուած էր:

Պատասխանեցի, որ պատահած ոճիրէն տեղեակ չէի` խոստանալով անմիջապէս հետաքրքրուիլ եւ զինք տեղեակ պահել:

Պատահած ոճիրին մասին հարցնելու եւ մանրամասնութիւններ ունենալու համար անմիջապէս հեռաձայնեցի Երուանդ Մոնոֆարեանին, որ ԿԿ-ի հերթապահն էր: Ընկ. Երուանդը մտահոգ ու ձայնի ծանր կշռոյթով մը ըսաւ.

– Այդ ոճիրին կողքին ծանրակշիռ եւ հրատապ այլ խնդիր ալ կայ. ընկ. Սարգիսը մէջտեղ չկայ, շուտ «Սարդարապատ» եկուր, ժամը 7:00-ին ԿԿ-ը եւ երեսփոխանական պլոքը բացառիկ նիստի հրաւիրած եմ, հեռաձայնով երկար չխօսինք, ունեցած տեղեկութիւններս ժողովին կը փոխանցեմ:

Անձկութիւն մը պատեց զիս: Մտաբերեցի ընկ. Մարուխեանին մէկ արտայայտութիւնը, որ առիթով մը ինծի ըսած էր. «Սարգիսին կ՛ըսեմ կոր, որ քալելով տունէն ակումբ չգայ, որ` ընկերակիցը իբրեւ վարիչ չգործածէ, որ` այս օրերուս բոլորս անխտիր թիրախ ենք, մտիկ չ՛ըներ կոր»:

Անմիջապէս ուղղուեցայ «Սարդարապատ» ակումբ` մտածելով, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թոհուբոհին մէջ լիբանանահայ գաղութը ծանր կացութիւններ կը դիմագրաւէ` ընկ. Աբոյի առեւանգում, ընկ. Էպլիղաթեանի մահափորձ, ընկ. Նշան Ճոզիկեանի առեւանգում, ընկ. Խաչիկ Պասմաճեանի սպանութիւն: Դէպքեր, որոնք կը յիշեցնեն կուսակցական պայքարներու հին օրերը, երբ առաջնահերթութիւնը այսօր գաղութի ապահովութիւնն է, հայութեան միասնականութիւնն ու Հայ դատի պայքարը:

Ինծի համար ընկ. Սարգիսը առեւանգողներուն հասցէն յստակ էր: Այդ մէկը Գաղտնի բանակի ծայրայեղ ձախակողմեան թեւն էր, որ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան ծայրայեղական խմբակներու հետ գործակցաբար` միջազգային գաղտնի սպասարկութիւններու գործակալ դարձած էր եւ Դաշնակցութիւնը հարուածելով` կը միտէր ոչ միայն տկարացնել սփիւռքի կարեւորագոյն գաղութը, այլեւ` արգելակել Հայ դատի հետապնդումը:

Քշած ատենս կը մտածէի հակադարձ միջոցներու կարելիութիւններուն մասին, որպէսզի կարենայինք ընկ. Սարգիսը ազատել: Նման խառն մտքերով Պուրճ Համուտի մութ փողոցներով մտայ «Սարդարապատ» ակումբ, ուր արդէն ներկայ էին ընկ. Երուանդը, ընկ. Ազնաւորեանն ու տոքթ. Մանուկեանը:

Ընկ. Ազնաւորեանի դէմքը իր սովորական, անժպիտ, խիստ ու լուրջ բնոյթը ունէր: Ընկ. Մոնոֆարեանը սիկարեթ կը ծխէր` ջղային իւրայատուկ մտահոգութեամբ, որ իր մօտիկները միայն կրնան տեսնել ու կռահել:

Քիչ ետք հասան ԿԿ-ի միւս ընկերները, Լիբանան գտնուող Բիւրոյի ընկերն ու պրն. Խաչիկ Պապիկեանը:

Նիստը բանալով` ընկ. Երուանդը զեկուցեց, որ ժամը 4:30-ի մօտերը Սագոյին (Սարգիսեան) կինը` Զուարթը, իր գրասենեակը հանդիպած է ըսելու համար, որ ընկ. Զէյթլեանենց տունէն կու գայ եւ յայտնած` տիկ. Սոնային մտահոգութիւնը, թէ ընկ. Սարգիսը կէսօրին ճաշի համար տուն չէ գացած եւ մինչեւ այդ ժամը անկէ ոչ մէկ լուր ունի:

Ընկ. Երուանդը հեռաձայնած է «Դրօշակ»-ի խմբագրական կազմի տղոց եւ անոնցմէ հաստատած, որ այդ առաւօտ ընկ. Սարգիսը գրասենեակ չէ գացած: Ընկերները ընկ. Սարգիսի բացակայութիւնը նկատած են, սակայն մտածելով,  որ այդ մէկը այլ զբաղմունքի պատճառով կրնայ ըլլալ, չեն մտահոգուած: Ընկ. Երուանդ նաեւ կարելիութիւնը ունեցած է հեռաձայնային կապով խօսիլ տիկ. Սոնային հետ, որ փոխանցած է կարգ մը տեղեկութիւններ, յատկապէս` շէնքի պահակէն քաղուած:

Շարունակելով զեկուցումը` ընկ. Երուանդը ըսաւ, որ առեւանգումը կատարուած է Ճեմարանի մուտքէն քիչ առաջ, ՀՄԸՄ-ի ակումբ տանող Տաուտ Փաշա ճամբուն վարի անկիւնը: Ըստ ականատեսներու, որոնցմէ մէկը` մօտակայ խանութպան մը, երկու ինքնաշարժներ առաւօտեան ժամը 9:30-10:00-ի ատենները ընկ. Սարգիսի ինքնաշարժին առջեւը կտրելով` ստիպած են, որ իրենց հետեւի եւ Հիւսէյն Պէյհում փողոցով ուղղուած են դէպի մզկիթի ուղղութեամբ:

Զեկուցումի լոյսին տակ տեղի ունեցաւ կարծիքներու լայն փոխանակում: Շրջանին մէջ գործող կազմակերպութիւններուն թիւը մեծ էր` պաղեստինեան այլազան հոսանքներու խմբաւորումներ, ղովմիներ, համայնավարներ, յառաջդիմականներ: Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր բազմաթիւ ճիւղաւորումներ, որոնք յաճախ կը գործէին իրենց կեդրոնէն անկախ: Առեւանգումը կրնար կատարուած ըլլալ այս ճիւղաւորումներէն որեւէ մէկուն կողմէ, որոնց հետ մեր յարաբերութիւնները վերիվայրումներ ունէին:

Առաջարկուեցաւ խօսիլ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Փիեռ Ժեմայէլի հետ` գիտնալու համար, թէ իրենց գաղտնի սպասարկութիւնները արդեօք որեւէ տեղեկութիւն ունէի՞ն կատարուած առեւանգման մասին, ինչպէս նաեւ` տեսակցութիւն մը ունենալ Ընկերվար- յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ: Յառաջդիմականները շրջանի ազդեցիկ գլխաւոր ուժը կը հանդիսանային եւ անպայման կրնային տեղեակ ըլլալ իրենց շրջանին մէջ կատարուած գործողութիւններէն:

Իմ կարգիս ձայն առնելով` արտայայտուեցայ, որ ցարդ կատարուած դէպքերու շղթան նկատի ունենալով` ընկ. Սարգիսի առեւանգումը պէտք է տեսնել Գաղտնի բանակին կողմէ կատարուած արարքներու շարքին, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք կարճ ժամանակ մը առաջ Պուրճ Համուտի մէջ, «Սարդարապատ» ակումբէն ոչ հեռու, կուսակցական երեք ընկերներու խանութներուն ականահարումը, ինչ որ նախանշան պէտք է նկատել այդ գործակալներու արարքներուն, եւ առաջարկեցի, որ ընկ. Սարգիսը կարենալ անմիջապէս վերադարձնելու համար պէտք չէ վարանինք մեր հասողութեան ծիրին մէջ գտնուող Գաղտնի բանակի անդամները «Սարդարապատ» ակումբ բերել, դիմակազերծել տեղական լրատուամիջոցներու ներկայութեան ու սպառնալ անոնց` պայմանաժամ տալով, որ ամենակարճ ժամանակամիջոցին ընկ. Սարգիսը ազատ արձակեն:

Առաջարկս կարգ մը ընկերներու եւ Բիւրոյի ընկերոջ կողմէ շատ ծայրայեղ թուեցաւ: Անոնք նման գործողութիւն մը կը նկատէին մեր կողմէ ներազգային համերաշխութեան պառակտումի նախաձեռնութիւն, որ կրնար ծանր հետեւանքներ ունենալ եւ նպաստել միջազգային ուժերու նկրտումներուն:

Այն ատեն ՀՅԴ ղեկավարութեան մօտ առկայ էր այն մտածողութիւնը, որ Գաղտնի բանակը կրնար սխալներ գործել եւ ունենալ տարբեր ուղի եւ գործելաոճ, սակայն ինքզինք իբրեւ հայկական շարժում նկատուող հաւաքականութիւն` չէր կրնար այնքան սնապարծ ու տհաս ըլլալ, որ իրենց հիմնական նպատակներէն շեղելով` հարուածէին հայեր, մանաւանդ` դաշնակցական ղեկավարներ:

Դաշնակցութիւնը պէտք էր մնար իր բարոյական սկզբունքներու բարձունքին եւ ըլլար զուսպ: Մեր հակազդեցութիւնները պէտք էր ըլլային կշռադատուած, հեռու` եղբայրասպան կռիւներէ, որովհետեւ հայութիւնը թեւակոխած էր քաղաքական հասունացման փուլ, եւ համազգային խնդիրներու համար ստեղծուած էր համահայկական մտածողութիւն, որ դրսեւորուած էր քաղաքացիական պատերազմի օրերուն հայկական կուսակցութիւններու կողմէ որդեգրուած քաղաքականութեամբ, եւ պէտք էր արգիլել, որ հայութեան այդ ազգային դրական կեցուածքը տժգունէր անպատասխանատու տարրերու գործունէութեամբ: Դաշնակցական ղեկավարութեան վերոնշեալ վարքագիծը պատճառ եղաւ, որ շատ սուղ վճարենք, որովհետեւ հայանուն գործակալներուն անարգ արարքները շարունակուեցան, եւ մենք կորսնցուցինք Սարգիս Ազնաւորեանի, Վիգէն Պետրոսեանի, Թաթուլ Սուրեանի, Վարդգէս Տէր Կարապետեանի, Լեւոն Պէրպէրեանի, Ներսէս Խուտավերտեանի, Յակոբ Պարսումեանի եւ Զաւէն Թաշճեանի նման արժէքաւոր ընկերներ:

Ընկ. Սարգիսը առաջին անգամ տեսած էի Ճեմարան, 1965-66 տարիներուն, երբ Օննիկ Մելիքսեթեանի մահէն ետք կարճ ժամանակ մը կը վարէր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գործավարութիւնը:

Ինչպէս ժողովրդական լեզուով կ՛ըսեն, ընկ. Սարգիսը «գունտ ու կլոր», ճաղատ գլխով, կլոր ու լեցուն դէմքով, հաստ ակնոցներով, անպաճոյճ հագուածքով անձ մըն էր: Յաճախած էր Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանը, ապա Նշան Փալանճեան Ճեմարանի հայագիտական բաժանմունքը` Լեւոն Շանթի եւ Սիմոն Վրացեանի տնօրէնութեանց օրով: 1954-ին հրաւիրուած էր Գահիրէ` «Յուսաբեր»-ի խմբագրակազմին մէջ իբրեւ Վահան Նաւասարդեանի օգնական: 1958-ին նշանակուած էր «Յուսաբեր»-ի խմբագիր եւ գործած` վաստակաւոր ընկերներ Գաբրիէլ Լազեանի եւ Բենիամին Թաշեանի կողքին:

Իբրեւ Ճեմարանի ուսանող, ապա «Յուսաբեր»-ի խմբագրական կազմի անդամ` ընկ. Զէյթլեան առիթը ունեցած էր մօտէն ծանօթանալու Շանթի, Վրացեանի, Նաւասարդեանի եւ այդ օրերու հեղինակաւոր բազմաթիւ մտաւորականներու, որոնց գաղափարական, քաղաքական ու կազմակերպական մտածողութիւնը կարեւոր եւ հիմնական ազդեցութիւն ունեցած էին իր գաղափարական կազմաւորումին ու ապագայ հասարակական գործունէութեան ուղին գծելու տեսակէտէն:

Ընկ. Սարգիսին հետ իմ ու ընկերներուս գործակցութիւնը կը սկսի 1967-ին, երբ ինք տակաւին «Ազդակ»-ի խմբագիր էր, իսկ ես, Սագօ Սարգիսեանն ու Վիգէն Յովսէփեանը (այժմ Քանատա)` Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչական: Այդ գործակցութիւնը անխափան շարունակուեցաւ մինչեւ իր առեւանգումը: Մինչ այդ մեր խմբակը ուռճացած էր Վաչէ Տարագճեանով ու Բենօ Թոնդեանով: Մեր գործակցութիւնը այնքան սերտ էր, որ նշեալներս կը ճանչցուէինք իբրեւ «Սարգիսի տղաքը»:

Այդ օրերուն ընկ. Սարգիսը գաղութին մէջ արդէն ճանչցուած հեղինակութիւն էր, մէկը` դաշնակցական գաղափարապաշտ, մտաւորական, ղեկավար այն սերունդէն, որ Երկրէն տարագրուած պատմական ղեկավարութեան տերեւաթափէն ետք ստանձնեց մեր կուսակցութեան գերագոյն պատասխանատուութիւնը:

Այդ շրջանին, աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր, կուսակցութեան ղեկավար դիրքերու տիրանալու համար ներկուսակցական պայքարներ կլանած էին Լիբանանի բոլոր շարքերը:

Տեղայնական նեղ հարցերու եւ լիբանանեան բարքերով առաջնորդուելու գործելաոճը դարձած էր համատարած սովորութիւն` կուսակցութիւնը հեռացնելով իր հիմնական առաքելութենէն ու գաղափարական եւ բարոյական սկզբունքներէն:

Դաշնակցութեան ղեկավարութիւնը ստանձնած այս նոր սերունդը ՀՅԴ 18-րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումները գործնականացնելով` հանդիսացաւ մեր կուսակցութեան վերանորոգման ու վերաթարմացման շարժումը նախաձեռնողը: Այս շարժումին մղիչ ուժը եղաւ ընկ. Սարգիսը, որ իր կորովն ու շունչը բերաւ Դաշնակցութեան գաղափարական ու քաղաքական մտքի բիւրեղացման, յատկապէս` իր գաղափարական հմտութեան, անհատականութեան, վճռակամութեան ու կազմակերպական կարողութիւններուն շնորհիւ:

Սփիւռքեան պայմաններու պատճառած այլասերիչ մթնոլորտին, սովորութիւններուն, մտածելակերպին ու տկարութիւններուն դէմ Դաշնակցութեան գաղափարական ու բարոյական աւանդներուն վերադառնալու աշխատանքը ճիգ, հետեւողականութիւն, ժամանակ, յարաբերականութիւն, նոր մտածելակերպ, նոր գործելաոճ ու մարդուժ կ’ենթադրէր: Կարելի չէր արագ ձեւով թաղային նեղ, տեղայնական հասկացողութեամբ ղեկավարուելու սովորութիւնները թօթափել եւ համահայկական մտահոգութիւնները իբրեւ տեսլական ունենալ, մանաւանդ որ այդ շրջանին Դաշնակցութեան ծրագիրը փոխարինուած էր մէկ էջնոց «Հաւատամք»-ով, որուն հիմամբ սերունդներ դաստիարակուած էին` անտեղեակ մեր ծրագրի ազգային, ընկերային, տնտեսական, վարչական ու կազմակերպական մտածողութեան:

Ընկ. Զէյթլեանի ներկայութեամբ պարբերաբար կը հանդիպէինք «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ընկերներէն մէկուն տունը: Ընկ. Զէյթլեանի կողքին կ՛ըլլային` Եդուարդ Բատոյեանը, Վռամ Եղբայրեանը, Սեդրակ Պալեանը, Նազօ Գարագաշեանը եւ ուրիշներ: Ընկ. Զէյթլեան մեր կատարելիք աշխատանքներուն գծով ուղղութիւններ կու տար, ինչպէս նաեւ կը լսէր կատարուած աշխատանքներուն մասին շարքերուն ընկալումն ու հակազդեցութիւնը: Այս հանդիպումները միայն  «Քրիստափոր»-ի եւ «Զաւարեան»-ի տղոցմով չէին սահմանափակուեր, երբեմն ներկայ կ’ըլլային նաեւ այլ կոմիտէութիւններէ ընկերներ, ինչպէս` Գէորգ Գանտահարեան, Յովհաննէս Պէրպէրեան, Յովհաննէս Քէլէշեան, Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան, Վարուժան Աղասարգիսեան եւ ուրիշներ:

Այդ հանդիպումներու ընթացքին ընկ. Զէյթլեանը առաջ կը մղէր այն թեզը, որ կուսակցութիւն մը պէտք է պատրաստ ըլլայ հաւատարմօրէն ու լիակատար կերպով ծառայելու իր կոչումին ու առաքելութեան եւ ամէն տեսակ զոհողութիւն յանձն առնէ իր հայրենիքին եւ ժողովուրդին գերագոյն շահերուն ու արժէքներուն պաշտպանութեան համար:

Մեր շարքերն ու մանաւանդ երիտասարդութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլան յանձն առնելու հարկ եղած աշխատանքն ու զոհողութիւնները:

Այս աշխատանքները իրենց արդիւնքը տուին, ու կարելի եղաւ շրջաններուն մէջ նուիրեալ, գաղափարական պատրաստութեամբ ու կազմակերպական կարողութիւններով օժտուած ընկերներ կազմերու մէջ ներառել, ինչպէս նաեւ, ընկ. Զէյթլեանի հերթապահութեամբ, Լիբանանի շրջանի կազմակերպական կեանքը նոր հունի մէջ կարենալ դնող ԿԿ-ի կազմ մը յառաջացնել:

Հոկտեմբեր 2017-Մոնրէալ
(Շար. 1)

Տեսակէտ. Խենթ Ղեկավարներու Փառատօն

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Վերջին յօդուածիս մէջ ակնարկած էի մնայուն ղեկավար մնալու բարդոյթի հարցը: Ղեկավարներու անուններ նշած էի, եւ բոլորն ալ անխտիր իրենց խօսքով եւ գործով անցնող շաբաթներուն հաստատեցին գրածս:

Այս շաբաթ, բարդոյթին կողքին, աւելցաւ խենթ ածականը: Իսկապէս անգամ մը դիտեցէք մեր շուրջը գտնուող ղեկավարներու արտաքին, ֆիզիքական, հոգեկան, մտաւոր, կենցաղային եւ գործնական քայլերը:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր իշխանութեան առաջին օրէն քանի՜ տեսակ խենթ առաջարկներ ըրաւ: Աւելի ճիշդը` որոշումի պէս յայտարարեց, բայց յետոյ նիւթը չըրաւ:

Առաջին օրէն Մեքսիքայի սահմանը պատ պիտի հիւսէր, որ գաղթականներու թափը կեցնէր, յետոյ` հիւսիսային Քորէային վրայ պիտի յարձակէր: Աւելի ուշ` լրագրողներուն դէմ արշաւ: Իրանի հիւլէական ծրագրին դէմ արշաւ…

Մինչ այդ, յայտարարած ծրագիրներէն ո՞ր մէկը ըրաւ: Ո՛չ մէկը:

Բայց այս շաբթուան գլուխ գործոցը Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգի «Քաջագործութիւններն» է:

Իսկապէս կրնայ ըլլալ, որ վերջին անգամ միջնադարուն պատահած էին նման դէպքեր: Երկրի մը ղեկավարը ուրիշ երկրէ մը իր հրաժարականը յայտարարէ, մէկ գիշերուան մէջ տասնեակներով իշխաններ բանտարկէ:

Ձեւով մը` քաղաքական հոսանք մը պատանդ բռնէ:

Ինչպէս բացատրել այս եղածը: Խենթերու փառատօն մը սկսած կը թուի: Հաւասարակշռուած, հեռատես, ազգային, մտաւորական, խելացի ըլլալը մեր օրերուն անբնական կը թուի:

Ինչպէ՞ս կարելի է շարունակել աշխարհի ղեկավարումը` նման ծայրահեղ եւ բարդութաւորուած ղեկավարներով:

Քաղաքականութեան մէջ պատմութիւնը ցոյց տուած է, եւ այդպէս ալ է մինչեւ այսօր, որ ոչ մէկը միւսը կրնայ ոչնչացնել, ընդհակառա՛կը, գոյակցութիւնը, փոխզիջումը, հանդուրժողութիւնը կը յաղթեն վերջաւորութեան:

Պէտք է խնայել ժողովուրդներու ճակատագիրը: Ամէն բան դրամ եւ ուժ չէ: Ամէն բան ինքզինքը պարտադրելով չ՛ըլլար: Ամէն բան վերջ ունի: Երբեմն նոյնիսկ քու սեփական զինակիցդ քու դէմդ կ՛ելլէ:

Խենթերով ղեկավարուելու զգացումը շատ գէշ է:

Այսօր այդ վիճակի մէջն ենք:

Տատրակ Կամ Մշոյ Գեղամ. Վերահաս Աղէտի Մը Արթուն Դիտորդը

$
0
0

ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Տարօնի Հայ Յեղափոխականը

Դժուար է ըսել, թէ Գեղամ ճիշդ ո՛ր թուականին միացած է ՀՅԴ-ին, քանի նոյնքան դժուար է յստակօրէն նշել, թէ ՀՅԴ ո՛ր թուականին հիմնած է իր կանոնաւոր կազմակերպական կառոյցը հայ ժողովուրդի առասպելական այս օրրանին` Տարօնի մէջ, ուր ժամանակին իշխած են Մամիկոնեաններն ու Բագրատունիները:

Գիտենք, որ Պերլինի դաշնագիրի (1878) չիրագործուած խոստումներու հետեւանք յուսախաբութիւններն են, որ հայ երիտասարդութիւնը մղեցին քաղաքական գործունէութեան: Սակայն Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ստեղծումէն առաջ հայ ժողովուրդը Տարօնի մէջ ծնունդ տուած էր «լեռներու արքաներու», որոնց շարքին` Արաբոն կամ Մխոն, իսկական անվախ աւազակներ, որոնք քիւրտերու դէմ մղուած պայքարին մէջ դարձան հայ գիւղացիութեան պաշտպան ֆետայիներ` 41, նաեւ սրբապատկերի վերածուած Սերոբ Աղբիւրներ, Ճարտարներ, Մուշեղներ, Հրայրներ, Գէորգ Չաւուշներ (Սարհատ): Ֆետայական կռիւներէն առաջ ծագեր են ինքնաբուխ ապստամբութիւններ, իսկ Զէյթունի, Վանի կամ Էրզրումի մէջ կազմուեր են կարճակեաց գաղտնի ընկերութիւններ: Եղած է նաեւ «առաքեալներու սերունդ»-ը, Կովկասէն եկող կամ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին աշխատող հայ ուսեալ երիտասարդներ, 42 որոնք աշխարհագրագէտի, լրագրողի կամ ազգագրագէտի ծպտումին տակ կը շրջագայէին յայտնաբերելու համար իրենց հայրենի բնաշխարհը:

Վանի մէջ 1885-ին Մկրտիչ Փորթուգալեանի խումբ մը աշակերտներու նախաձեռնութեամբ կը հիմնուի Արմենական կուսակցութիւնը, որ հայկական առաջին քաղաքական կուսակցութիւնն էր: Մկրտիչ Փորթուգալեան բարեփոխումներու պաշտպան ազատական մըն էր: Գեղամ զայն կը նկարագրէ իբրեւ «ազատատենչ եւ հայրենասէր մանկավարժ», որ կը ծառայէ ի խնդիր լուսաւորութեան 43 տարածման: Արմենականները, որոնք առաջին փուլին կեդրոնացած էին միայն Վասպուրականի մէջ, 44 ազատականներ էին,  որոնք սակայն հայ գիւղացիութեան ինքնապաշտպանութեան համար կիրարկած էին յեղափոխական բիրտ գործելաոճը: Բայց կովկասեան մտաւորականութիւնն է, որ կը ստեղծէ հայ քաղաքական զոյգ կազմակերպութիւնները: Իրենք զիրենք մարքսիստ կոչող վեց հայ ուսանողներ Ժընեւի մէջ 1887-ին կը հիմնեն Սոցիալ-դեմոկրատ հնչական կուսակցութիւնը: Անոնց ծրագիրն ու մարտավարութիւնը, ահաբեկչական գործելաոճը կը բացայայտեն ռուսական ժողովրդապաշտութեան (populisme) ազդեցութիւնը: Իսկ ուսանողական եւ մտաւորական փոքր շրջանակներու միաձուլումով, ուր ընդգրկուած են ժողովրդապաշտներ, ազատականներ, անիշխանականներ եւ մարքսիստներ, 1890-ի ամրան Թիֆլիսի մէջ կը ծնի Հայ յեղափոխականներու դաշնակցութիւնը, որ աւելի ուշ պիտի կոչուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն: Այս միաձուլումը կ՛արագանայ Կիւլիզարի առեւանգման, Մուսա բէկի դատավարութեան, ինչպէս նաեւ Կուկունեանի արշաւանքի ձախողութեան պատճառով: 45 Երկու կուսակցութիւնները, որոնք ունին ընկերային միեւնոյն հիմքը եւ կը հետապնդեն միեւնոյն նպատակները, այսինքն` Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրող հայութեան պաշտպանութիւնն ու ազատագրումը, համոզուած են, որ «հայկական յեղափոխութիւնը» միջոց մըն է եւրոպական դիւանագիտութեան վրայ ազդելու եւ այդ ճամբով բարենորոգումներու եւ Հայկական հարցի քաղաքական լուծման շուրջ նպաստաւոր մթնոլորտ ստեղծելու: Թէեւ երկու կուսակցութիւններու միջեւ նախատեսուած միութիւնը կը ձախողի ընկերվարութեան շուրջ տարակարծութիւններու պատճառով, այդուհանդերձ, երկուքն ալ կը պաշտպանեն ժողովրդային ցոյցերու, զինեալ պայքարի եւ ֆետայիներու առաջնորդութեամբ հայ զանգուած- ներու ինքնապաշտպանական կռիւներու գործելաոճը, որոնց օրինակը ակնյայտօրէն առնուած էր պուլկարական փորձէն: Ծանօթ են այս բոլորին յաջորդող անխուսափելի իրադարձութիւնները. հայ զանգուածային ցոյցեր, մեծ պետութիւններու բառային «միջամտութիւն»-ներ, մահմետականներու զանգուածային վայրագ «խռովութիւններ»-ու կառավարական ճնշումներ: Գումգաբուի մէջ հնչակեաններու կազմակերպած ցոյցէն (27 յուլիս 1890) մինչեւ Պանք Օթոմանի գրաւումը` դաշնակցական զինեալներու կողմէ (26 օգոստոս 1896), «համիտեան ջարդեր»-ուն զոհ կ՛երթան աւելի քան 200.000 հայեր:

Նախ հնչակեանները կը յայտնուին Սասնոյ մէջ, ուր աչքի կ՛իյնայ անոնց ամենայայտնի անդամներէն` Մուրատ: 46 Կը մասնակցին Սասնոյ առաջին ապստամբութեան (1893-1894), որ կը խեղդուի արեան մէջ: 1896-ին հնչակեանները կուսակցութեան ծրագրի եւ մարտավարութեան շուրջ տարակարծութիւններու հետեւանքով կը պառակտուին, որուն  հետեւանք` Տարօնի մէջ անոնց տեղը կու գան գրաւել դաշնակցականները: Դժուարին նուաճում մը` Պարսկաստանէն եւ Կովկասէն` անվաղորդայն Խանասորի արշաւանքէն ետք (1897): 47 Հաւանական է, որ Գեղամ իր քաղաքական գործունէութիւնը սկսած ըլլայ այդ ժամանակաշրջանին` նկատի ունենալով անոր ձերբակալութիւնը, 1898-ին: Դաշնակցականներու կողմէ կազմակերպուած Սասնոյ երկրորդ ապստամբութիւնը (1904) կ՛եզրափակուի թրքական բանակին հետ արիւնահեղ բախումներով (որոնց կը մասնակցին Անդրանիկ 48 ու Սեբաստացի Մուրատ) եւ ապա` ֆետայիներու Կովկաս նահանջով, ուր սկսած էին «հայ-թաթարական» կռիւները, 1905-ի ռուսական յեղափոխութեան նշանակալի դրուագներէն մէկը:

Գեղամ Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը

Մինչեւ 1904 թուական Գեղամին կուսակցական-յեղափոխական գործունէութիւնը մեզի կը մնայ անյայտ: Ան ծայր աստիճան գաղտնապահ է. գաղտնապահութիւն, որ կը բացատրուի Մշոյ առաջնորդարանին մէջ անոր պաշտօնական կարգավիճակով, ու իր մնայուն, հասկնալի վախով` իշխանութիւններու կամ քիւրտ թոռուններու պատժիչ հակազդեցութենէն: Թէեւ յարումը յեղափոխական կազմակերպութեան մը կը հակասէր օրինապահ, զգուշաւոր ու խոկուն մարդու իր խառնուածքին, այդուհանդերձ, այդ յարումը եղաւ անխուսափելի իրեն համար, ինչպէս եւ` Տարօնի ողջ ժողովուրդին:

Դուրան-Բարձրաւանդակի ժողովուրդը յեղափոխական է, եւ յեղափոխական է, որովհետեւ սոված է: Շատ սխալ կը լինէր, որ միմիայն յեղափոխութեան հիմնաքարը հաշուէինք զանազան գաղափարական ձգտումներ. դա այստեղի գոնէ սոված ժողովրդեան համար մի անմիտ ցնորք կը լինէր, եւ դժուար թէ կարելի լինէր մի սոված, հարստահարուած «ֆլահ» 49 դասակարգից [բան] սպասել թագաւորութեան, ազգային զանազան ձգտումների մասին եւ այլն. նրա ձգտումը գլխաւորապէս ուղղուած է ձեռք բերել տնտեսական ազատութիւն, 50 եւ չգիտենք, դժբախտաբար թէ բարեբախտաբար, [որ] այստեղի յեղափոխական կազմակերպութեան հիմնաքարը դասակարգային տնտեսական ազատութեան մի ձգտում է` գունաւորուած ազգային ազատութեան փայլուն ներկերով: Այդ պատճառով կարծում ենք, որ այստեղի կազմակերպութիւնը շատ հաստատուն է եւ նրա արմատը ողջ կը մնայ եւ անհընար է արմատախիլ անել […] : Առաջին կազմակերպող ուժը սովն ու սուլթանական ռեժիմն են, իսկ երկրորդականները` ժողովուրդի թոյնից ծնուած յեղափոխականները: Այդ կէտը պէտք է պարզ լինի. լոկ ազգային անջատման կռիւ չէ, լոկ յեղափոխականների գլխից ծնուած զանազան աւանտիւրիստների ցնորական գործ չէ, այլ մի ժողովրդական յուսահատ շարժում` բխած սոսկալի  բռնութիւնից 51:

ՀՅԴ արխիւները կը փաստեն, որ մինչեւ Սասնոյ ապստամբութեան (1904) հետեւանք հալածանքները` կախաղան, ձերբակալութիւն, յեղափոխականներու փախուստ, Գեղամ բացայայտ դերակատարութիւն չէ ունեցած:  Կռիւներու ընթացքին մահացած ՀՅԴ հանրայայտ քանի մը անձնաւորութիւններու անհետացումէն ետք է (ինչպէս` Հրայր Դժոխք, Թորգոմ, Վահան Մանուէլեան, Կայծակ-Վաղարշակ), 52 որ Գեղամ երեւան կու գայ Տատրակ ծածկանունով` իբրեւ մէկը Դուրան-Բարձրաւանդակի 53 Կեդրոնական կոմիտէի (ԿԿ) հինգ անդամներէն եւ իբրեւ անդամ Վասպուրական-Տուրուբերանի պատասխանատու մարմնին 54:

Ֆրանսերէնէ թարգմանեց`
ՀԵՐՄԻԿ ՆԵՐՍԻՍԵԱՆ

(Շար.3)

————————-

41.- Rouben, Mémoires d՛un partisan arménien: fragments [«Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», 1951-1952,  7 հատոր]: Հայերէնէ ֆրանսերէնի թարգմանութիւնը` Վ. Տէր Մինասեանի, La Tour d՛Aigues 1990, էջ 269-273:

42.- Մկրտիչ Խրիմեանի, Գարեգին Սրուանձտեանցի, Արիստակէս Տեւկանցի կամ Մանուէլ Միրախորեանի հրատարակութիւններով ընթերցողը 1880-ական թուականներուն յայտնաբերեց Բագրեւանդն ու Վասպուրականը:

43.- 1914-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Մկրտիչ Փորթուգալեանի յոբելեանին առիթով լոյս տեսած «Նոր անցեալի մը յիշատակներ» խորագրեալ յօդուած, թարգմանուած` Գ. Գեւոնեանի կողմէ Les noces noires de Gulizar-ին մէջ (տես. թիւ 24) էջ 169-174: Մկրտիչ Փորթուգալեան (1848-1925), ծնած` Կոստանդնուպոլիս, Վանի մէջ կը հիմնէ դպրոց մը (1878): Ան համոզուած էր, որ կրթութեան տարածումը անհրաժեշտութիւն մըն է` պայքարելու ընդդէմ հայկական նահանգներու բնակչութեան տնտեսական եւ մշակութային յետամնացութեան: Փորթուգալեանի գործունէութեան կասկածելով` թուրք իշխանութիւնները 1881-ին կը գոցեն դպրոցը : Փորթուգալեան զայն կը փոխարինէ Կեդրոնական վարժարանով, որ նոյնպէս կը փակուի 1886-ին: Այնուհետեւ կը կանչուի Կոստանդնուպոլիս (1885): Կ՛աքսորուի Մարսէյ, ուր 1885-էն 1921 կը հրատարակէ «Արմէնիա» պարբերականը, որ կոչ մըն էր հայ ժողովուրդի զարթօնքին:

44.- Վան նահանգի միջնադարեան անուանումը:

45.- Կովկասէն մեկնած եւ թրքահայութեան օժանդակելու նպատակով կազմակերպուած շուրջ հարիւր հայ երիտասարդներու զինեալ արկածախնդրութիւն:

46.- Իսկական անունով` Համբարձում Պոյաճեան (1867-1915), 1908-ին կ՛ընտրուի օսմանեան խորհրդարանի անդամ:

47.- Դաշնակցական 250 ֆիտայիներու կողմէ Պարսկաստանէն կատարուած վրէժխնդրական արշաւանք`  համիտեան ջարդերուն մասնակցած քիւրտ ցեղախումբի մը դէմ: Սփիւռքի մէջ Խանասորի արշաւանքին յիշատակը կը նշուի իւրաքանչիւր տարի:

48.- Անդրանիկ Օզանեան (1865-1927), ամէնէն յայտնի եւ ժողովրդական հայ ֆետային: Ստացած է ռուսական բանակի հրամանատարի աստիճան (1917):

49.- Գիւղացի ստրուկներուն համար օգտագործուած արաբերէն եզր:

50.- «Տնտեսական ազատութիւն»` այս պարագային կը նշանակէ պարզապէս տէր ըլլալ սեփական աշխատանքի արդիւնքին:

51.- Դուրան-Բարձրաւանդակի Կեդրոնական կոմիտէի տեղեկագիր (Մուշ-Սասուն), 1 նոյեմբեր 1906, «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Դ. հատոր, Պէյրութ, 1982, էջ 54-55, ստորագրուած` Տատրակ եւ Ռուբէն:

52.- «Նիւթեր ՀՅԴաշնակցութեան պատմութեան համար, Բ. հատոր, էջ 174: ՀՅԴ-ի կազմակերպական կառոյցին մէջ Տարօնի գաղտնանունն էր` Դուրան-Բարձրաւանդակ:

53.- Հոկտեմբեր 1906-ին, երեք միւս յայտնի անդամներն են` Ռուբէն (Տէր Մինասեան), Վկայ (Վարդան վարդապետ) եւ Սարհատ (Գէորգ Չաւուշ): «Նիւթեր ՀՅԴ պատմութեան համար», Դ. հատոր, էջ 7:  Տես. ստորեւ նոթ 65:

54.- ՀՅԴ շրջանային կազմակերպութեան գերագոյն մարմին, որ կը համախմբէր Վանի եւ Մշոյ կեդրոնական կոմիտէները:

Բանավէճ` Կարօ Փայլանի Եւ Թուրքիոյ Վարչապետի Օգնականին Միջեւ

$
0
0

«ԱԿՕՍ», Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան բանավէճ մը ունեցած է վարչապետի օգնական Հաքան Չաւուշօղլուի հետ: Ի միջի այլոց, Փայլան առարկած է 2018-ի պետական ամավարկի քննարկումներուն ընթացքին վարչապետի օգնականին այն յայտարարութեան, թէ` երկրի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները «մեր կողմէ երաշխաւորուած աւանդներ են» խօսքին:

Վարչապետի օգնական Չաւուշօղլու ըսած է. «Երկրին մէջ մնացած փոքրամասնութիւնները մեզի աւանդ են: Պոլիս բնակող փոքրամասնութիւնները աւանդ են մեր պետութեան, ինչպէս որ արեւմտեան Թուրքիոյ իսլամ փոքրամասնութիւնները աւանդ են Յունաստանին»:

Խօսելէ ետք փոքրամասնութիւններէն բռնագրաւուած հաստատութիւններուն վերադարձին մասին` Չաւուշօղլու անդրադարձած է նաեւ հայկական մշակոյթի ժառանգներու պահպանման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն: Ապա դիմելով Փայլանին` հարց տուած է, թէ արդեօք Հայաստանը նոյնը կ՛ընէ՞ իր հողերուն վրայ գտնուող թրքական մշակութային կոթողներուն համար:

Փայլան իր ընդվզումը բացատրած է հետեւեալ խօսքերով. «Դժբախտաբար, կառավարութիւնը եւ իրեն հետ միասին ամբողջ պետական համակարգը վերջին երկու տարիներուն որդեգրած կը թուին ըլլալ պետութեան նախկին մտածելակերպը: Այժմ կը լսենք այնպիսի խօսքեր, որոնց արդէն սովոր էինք մեր մանկութեան տարիներէն: Ես այդ օրը նախարարին յայտնեցի, որ մենք ո՛չ աւանդ, ո՛չ ալ պատանդ ենք: Մենք քաղաքացինե՛ր ենք, քաղաքացինե՛ր, որոնք հազարաւոր տարիներէ ի վեր կը բնակինք այս հողերուն վրայ: Պետութիւնը ստիպուած է մեզի հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ որդեգրել համաշխարհային սկզբունքներու թելադրած կանոնները: Ինք ծնած է Կիւմիւլճինէ: Հետեւաբար, պէտք է քաջ իմանայ փոքրամասնութիւններուն խնդիրները: Սխա՛լ կը գործէ, եթէ ուզէ Կիւմիւրճինէի մէջ իրեն դէմ գործադրուած անարդարութիւնները այստեղ մեզի դէմ գործադրել: Փոխանակում ըսուածը քաղաքացիներուն դէմ գործադրելը անընդունելի՛ է: Եթէ Յունաստան իր երկրի փոքրամասնութիւններուն դէմ անարդար կը գտնուի, ապա ինքն ալ այստեղ մեզի՞ դէմ անարդարութիւն պիտի ընէ: Թուրքիա Լօզանի դաշնագիրով պահանջուածներէն առաջին շեղողը եղաւ: Ունեւորութեան տուրքի գործադրութիւնը, փոքրամասնութիւններու դպրոցներու իրաւունքներուն յափշտակումը, պատրիարքարանի իրավիճակին մերժումը հետզհետէ Յունաստանին ալ ստիպեցին փոխադարձ միջոցներու ձեռնարկել: Ես Թուրքիո՛յ հանրապետութեան պատգամաւորն եմ: Ինձմէ չէք կրնար Յունաստանի կամ Հայաստանի որեւէ մերժողական քաղաքականութեան հաշիւը պահանջել: Թուրքիան պէտք է իր քաղաքականութեամբ արդար գործէ, որպէսզի ես ալ ձեզի հետ միասին Յունաստանի կամ Հայաստանի բացասական գործունէութիւններուն դէմ պայքարիմ»:

Փայլան նաեւ անդրադարձած է պատրիարքական եւ համայնքային հաստատութիւններու ընտրութեան խնդիրին` շեշտելով. «Հայ համայնքը ունի խնդիրներ, որոնք շտապ լուծումներու կարիքը ունին: Պէտք է շուտով կատարուի պատրիարքի ընտրութիւնը եւ պատրաստուած նոր կանոնագիրի մը հիման վրայ ձեռնարկուի համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւններուն»:

Պոլիս


Հայաստանեան Խճանկար

$
0
0

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Երեւանի Աղբը Լիբանանեան Ընկերութիւն Մը Կը Հաւաքէ

Գիւղատնտես Ֆետի Ասսաֆն ու իր կինը առաջին անգամն է, որ Հայաստան կ՛այցելեն: Հիացած են Հայաստանով: Տեսած են` Խոր Վիրապը, Նորավանքը, Արենիի քարայրը, Տաթեւի ճոպանուղին եւ վանքը, Գեղարդի վանական համալիրը, Սեւանը, Գօշավանքը, Հաղարծինը եւ Դիլիջանի «դրախտ»-ը:

Շրջած են նաեւ քաղաքամայր Երեւանի մէջ եւ հիացած` քաղաքի երթեւեկի կանոնաւորութեամբ, ապահովութեամբ ու մաքրութեամբ:

Երբ իր դժգոհութիւնը յայտնեց Պէյրութի աղբակոյտերու մասին, Երեւանի աղբի կողովներուն վրայ նկատելով Sanitex արձանագրութիւնը` հարցուց.

– Sanitex-ը լիբանանեան ընկերութիւն չէ՞, ինչպէ՞ս կրնան հոս այսքան մաքուր պահել իսկ Պէյրութը թաղուած է աղբի մէջ…

– Ես ալ քեզի պէս զարմացած եմ,- ըսի:

Համազգայինի «Բագին»-ի Սիրահարներու Հանդիպումը` Հանդէսի 55-ամեակին Առիթով

Թէ այս տարի քաղաքամայր Երեւանը հիւրընկալած է ամէնէն մեծաթիւ զբօսաշրջիկները` յայտնի է բոլորին: Թէ այս տարի Երեւանի մէջ բազմաբնոյթ հանդիպումներ եւ ժողովներ կայացած են` այդ մէկն ալ յայտնի է: Սակայն այն, որ Համազգային մշակութային միութեան կողմէ հրատարակուող «Բագին» գրական հանդէսի 55-ամեակին առիթով հանդէսի սիրահարներէն խումբ մը հաւաքուի Երեւանի «Ակումբ» (Տը Քլապ) սրճարանին մէջ եւ կենաց բարձրացնեն հանդէսի յարատեւութեան համար`  եզակի երեւոյթ է… Սեղմ, բայց ջերմ հանդիպում մը, որուն ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամները, «Բագին»-ի խմբագրական կազմէն  անդամներ, հին ու նոր գրողներ, հրապարակագիրներ եւ «Բագին»-ի սիրահար ընթերցողներ:

«Բագին»-ի երիտասարդ գլխաւոր խմբագիր Սոնիա-Սանան Քիլեճեանը ողջունեց ներկաները` յայտնելով, թէ «Բագին»-ը պիտի շարունակէ իր երթը` արդիական իր տեսքով եւ բովանդակութեամբ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ բանաստեղծ Էդուարդ Միլիտոնեանը, որ պատմեց, թէ ինչպէս Խորհրդային ժամանակաշրջանին  «Բագին»-ը կը խլուէր ձեռքէ ձեռք եւ շատերու արգիլուած գրութիւնները լոյս կը տեսնէին «Բագին»-ի էջերուն… Խօսք առաւ նաեւ գրական հանդէսի երիտասարդ խմբագիրներէն` հայրենի գրող Արամ Պաչեանը: Ներկաները խմեցին կենացը  «Բագին»-ի հիմնադիրներուն, նախկին խմբագիրներուն, աշխատակիցներուն եւ այժմու խմբագրական կազմին` յարատեւութիւն մաղթելով «Բագին»-ին:

Գրականագէտ Մարկ Նշանեանը «յեղափոխութիւն» կոչեց «Բագին»-ի արդիականացումը յաջողութիւն մաղթելով գրական հանդէսին: Ներկաներէն եղան նաեւ առաջարկներ եւ ամէնէն կարեւորը` բոլորը առիթ ունեցան գինովնալու «Բագին»-ով…

Երեւանը Աշխարհի Ամենաապահով Քաղաքն Է

Երեւանի մէջ տեղափոխուելու համար ամենագործնականը թաքսիներն են: Վարորդներն ալ միշտ տրամադրուած են պատմելու իրենց կեանքի պատմութիւնը, մանաւանդ երբ գիտնան,  որ յաճախորդը ուրիշ երկրէ եկած է: Հայաստան այցելող բոլոր զբօսաշրջիկներն ալ առիթը ունեցած են լսելու այլազան վարորդներու պատմութիւնները, որոնք ընդհանրապէս  իրենց դժգոհութիւններու մասին են: Շատ հազուագիւտ են այն վարորդները, որոնք չեն խօսիր իրենց մասին եւ ճամբորդին ուշադրութիւնը կը հրաւիրեն երկրին մէջ առկայ դրական երեւոյթի մը վրայ:

Թաքսիի վարորդներէն մէկը մեր ուշադրութեան յանձնեց Երեւանի ապահով ըլլալու իրողութիւնը` յայտնելով, որ` «Պետութիւնը սաղ վերահսկում է մեր առօրեան, ախպէ՛ր. բոլոր սիւներուն վրայ նկարահանող տեսախցիկներ կան, եւ որեւէ սխալի պարագային, շատ արագ ոստիկանները կը բռնեն ականջներէդ: Գերմանացի զբօսաշրջիկը կատակելով` ըսաւ, որ Երեւանը աշխարհի ամենաապահով քաղաքն է, ուր եթէ կինդ բնակարանէն դուրս մոռնաս, մարդ չի մօտենար իրեն…»:

Պանանը Աժանցած Է

Մեր վարորդը Պէյրութէն է: 2006-ին վերջնականապէս հաստատուած է Երեւան: Արդէն տասը տարիէ ի վեր Հայաստանի մէջ ապրելով` վարժուած է երեւանեան ապրելակերպին: Իմ այն հարցումիս` թէ դրական տեղաշարժ կը նկատու՞ի երկրին մէջ այս վարչապետին օրով, պատասխանեց, որ «Բոլորին համար զգալի է դրական տեղաշարժը»: Երբ անպայման խնդրեցի, որ գոնէ մէկ օրինակ յիշէ, յայտնեց .

– Պանանին քիլոն վերջին տասը տարիներուն կը վաճառուէր 900-1000 դրամով: Առաջին անգամն է,  որ պանան կրցանք գնել 650 դրամով: Աժանցած է,  չէ՞:

Քանի մը օր ետք ես ալ նկատեցի գինի հսկայական նուազում` գիւղատնտեսական պարարտացուցիչի մը: Չորս տարի առաջ պարկին գինը շուրջ 150 ամերիկեան տոլար էր,  իսկ հիմա` 50…

Աշխարհը Շատ Փոքր Է

Հիւրերուն հետ տեսնելէ ետք Սեւանը, Գօշավանքն ու Հաղարծինը, որոշած էինք ճաշել Դիլիջանի մէջ: Հարազատներէս մէկը թելադրած էր նոր բացուած «Քարահունչ» ճաշարանը առաջնորդել հիւրերը: Ազգագրական ճաշերով , հայկական ժայռապատկերներով զարդարուած ճաշարանը տպաւորիչ էր: Ճաշէն ետք, երբ բարձր տրամադրութեամբ կը պատրաստուէինք մեկնելու, ճաշարանի սպասաւորներէն մէկը մեզի մօտենալով` յայտնեց, որ ճաշարանին խոհարարը այնճարցի էր:

Հինգ ամիս է հոս կ՛աշխատիմ: Շատ գոհ եմ: Ընտանիքս ալ շուտով պիտի բերեմ հոս:

Որքա՜ն փոքր է աշխարհը:

Ցորեն Ցանող Գամիշլեցի Կարոն Նոր Մեքենայ Կը Շինէ

Արցախ կատարած մեր այցելութեան ընթացքին առիթ ունեցանք հանդիպելու ազատագրուած տարածքի մէջ ապրող Կարոյին: Կարոն փորձառու ցորեն ցանող է եւ այդ մէկը կու գայ իր մեծ հօրմէն: Ընդարձակ դաշտեր կը ցանէ հացահատիկով` ամուր հաստատուելով հայրենի հողին վրայ: Ինքն է խօսողը.

– Հոս վառելանիւթը թանկ է: Եթէ հոս ցորենը ցանենք այնպէս, ինչպէս որ ընդունուած սովորութիւն է` նախ արտը հերկենք, ապա ցորենը սերմենք, որմէ ետք զայն խառնենք հողին, շատ ծախսալից կը դառնայ: Հիմա կը փորձեմ այս երեք աշխատանքները մէկ անգամով կատարել` գործիքները իրար միացնելով եւ խնայելով վառելանիւթը…

Միայն կարելի է հիանալ նման հայրենասէր եւ ստեղծագործ հայորդիներով:

Ցամաքային Եւ Ծովային Զօրավարներուն Միջեւ

Հայաստանի անկախութեան առիթով, Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովի մասնակիցները 21 սեպտեմբերին այցելեցին  Եռաբլուր` յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելու  հոն ննջող հայ քաջերու յիշատակին:

Մեզի կ՛ընկերակցէր անգլիահայ բժշկուհի մը որ համաժողովին մասնակիցներէն էր: Երբ Եռաբլուրէն վար կ՛իջնէինք Էջմիածին երթալու համար, բժշկուհին փափաքեցաւ լուսանկարուիլ մեզի հետ գտնուող` Լիբանանէն Զօր. Մանճեանի եւ Չիլիէն ծովակալ Գույումճեանին հետ: Ցամաքային եւ Ծովային զօրավարներով շրջապատուած` բժշկուհին կ՛ուզէր այս նկարը ցոյց տալ անգլիական բանակին մէջ ծառայող իր օդաչու զաւկին…

Լաչինի Բարձունքին Բնակարան Կ՛ուզեմ

Արցախ կատարած մեր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին մեր ընկերակիցն էր Հայաստանի մէջ

«Թիւֆէնքճեան» հիմնադրամի տնօրէն մեր համագիւղացի Րաֆֆի Տուտագլեանը: Հիւսիսէն- հարաւ ընթացող մեր երկարատեւ ճանապարհին ականատես եղանք «Թիւֆէնքճեան» հիմնադրամին կատարած ազգօգուտ բազմաթիւ ծրագիրներու իրականացման: Ուրիշներու կողքին, հրաշալի աշխատանք տարած էր եւ կը շարունակէր տանիլ այս հիմնադրամը: Բազմաթիւ կրթական, բժշկական եւ համայնքային կարեւորութիւն ունեցող շինութիւններ հիմնովին նորոգուած էին` դիւրացնելով ազատագրուած տարածքներուն մէջ հայորդիներու հաստատումը: Լաչինի շրջանին մէջ նոր հաստատուող մեր հայրենակիցը` բնակարան մը կ՛ուզէր բարձունքին վրայ: Իրաւունք ունէր. չքնաղ էր տեսնել հայրենի լեռները այդ բարձունքէն: Հետաքրքրական էր իմանալ, որ բնակարանի շինութիւնը պիտի կատարէր «հայրենասէր» հիմնադրամը…

Կարօ Փայլան Կը Հարցնէ Մուսա Լեռ-Այնճարի Մասին

Համահայկական ժողովի բացումէն օր մը առաջ, կիրակի, 17 սեպտեմբերի երեկոյեան, «Փարաւոն» համալիրի շքեղ սրահին մէջի, պատիւ համաժողովին մասնակցող ներկայացուցիչներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը խրախճանք մը կազմակերպած էր` գեղարուեստական ճոխ յայտագրով: Բարձր էր բոլոր ներկաներուն տրամադրութիւնը: Խրախճանքի ընթացքին յանկարծ իրարանցում մը ստեղծուեցաւ, երբ թրքական մեճլիսի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան մուտք գործեց սրահ: Ներկաները յոտնկայս եւ ջերմ ծափահարութիւններով դիմաւորեցին Փայլանը: Ամէն մարդ փափաքեցաւ լուսանկարուիլ հայազգի երեսփոխանին հետ: Ես եւ սեղանակիցս ալ ուզեցինք ողջունել զինք: Ամբոխին մէջէն հազիւ կրցանք մօտենալ իրեն եւ ձեռքը սեղմել: Երբ իմացաւ, որ Մուսա լեռ-Այնճարէն ենք, հարց տուաւ.

Հիմա որ ահաբեկիչները հեռացան Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթայէն, Այնճարը աւելի ապահով դարձա՞ւ: Նեղ պարագային կրնա՞ք դուք ձեզ պաշտպանել: Ես քաջածանօթ եմ Մուսա Լերան անցեալին եւ Վագըֆ գիւղին…

Նշանաւոր Մագաղաթները Քանի Մը Յարկ Գետնին Տակ Կը Պահուին

Հիւրերս շշմած են Մատենադարանին մէջ: Սահուն անգլերէնով բացատրութիւններ տուող օրիորդը կէս ժամուան ընթացքին հասցուցած է իրենց տալ սպառիչ տեղեկութիւններ` Մատենադարանին մէջ պահուող կարեւորագոյն մատեաններուն մասին: Այս բոլորէն ետք, երբ իմացան, որ այս մատեանները մեծ գանձեր են հայ ժողովուրդին համար եւ քանի մը յարկ գետնին տակ կը պահուին հաւանական ամէն տեսակի վտանգներէն զերծ մնալու համար, միաբերան գոչեցին.

– Խելքի հասնելիք բան չէ…

Ֆետայիներէն Մասունքներ` «Անդրանիկ»-ի` Թանգարանին Մէջ

Բոլորովին պատահական կերպով տեսայ այս թանգարանը: Այցելելէ ետք «Կոմիտաս»-ի թանգարանը, աչք մը նետեցի գրողներու պանթէոնին, որ շատ բարեկարգ վիճակի մէջ էր` բաղդատմամբ նախկին տարիներուն, ծառուղիի աւարտին նկատեցի «Անդրանիկ»-ի թանգարանը ցոյց տուող նշանը: Մուտք գործելով թանգարան` ականատես եղայ հայ ազատագրական շարժումի նուիրեալ ֆետայիներուն հետ առնչուող բազմաթիւ մասունքներու: Ցուցադրութեան դրուած էին` լուսանկարներ, ձեռագիրներ, քանդակներ, մամուլի հրատարակութիւններ եւ ֆետայիներու անձնական իրերէն նմուշներ: Ուշադրութիւնս գրաւեց դաշոյն մը, որուն վրայ փորագրուած էր «Աղբ. Սերոբ», Սերոբ փաշայի անձնական դաշոյնն էր…

Հայկական Ժառանգականութեան Քննութիւն

Փրոֆ. Լեւոն Եպիսկոպոսեանի տարած աշխատանքին ծանօթ էի: Հանդիպած էինք նաեւ քանի մը տարի առաջ: Տեղեակ էի հայկական ժառանգականութեան ծրագրի (Armenian DNA project) մասին, որ նոր շտեմարան մը կը նկատուի այլազան տեղեկութիւններու:

Փրոֆ. Եպիսկոպոսեան հայկական գաւառներու ժառանգականութիւնը կ՛ուսումնասիրէր եւ կը փափաքէր նաեւ մուսալեռցիներուն ժառանգականութիւնը ուսումնասիրել: Կ՛ուզէր արեան նմուշներ առնել զտարիւն մուսալեռցիներէ: Լաւ առիթ էր Երեւանի մէջ գտնուող մուսալեռցիներէ արեան նմուշներ վերցնելու: Օփերայի շէնքին մօտ կը համախմբէր մուսալեռցիներ` այս ծրագրի կարեւորութիւնը շեշտելով: Յոյս կը յայտնէր նաեւ, որ այս քննութիւնները կրնային աւելիով յստակացնել մուսալեռցիներու ծագումը..

Մուսա Լեռցիներու Մէկ Ճիւղը Արցախն Է

Մուսալեռցիներու ծագման մասին կատարուած են բաւական ուսումնասիրութիւններ: Կայ համոզում, որ անոնց մէկ ճիւղը Արցախէն է: Այս տեսակէտը կը հիմնուի լեզուական ուսումնասիրութիւններու վրայ: Կան բաւական բառեր, որոնք կը գործածուին զոյգ բարբառներուն մէջ:

Արցախ կատարած մեր վերջին այցելութեան ընթացքին, կարգ մը բառեր( ամպաշիւր, ճաթըրտուզ, թէյր…) լսեցինք ղարաբաղցիներու բեռնէ, որոնք նոյնութեամբ կը գործածուին Այնճարի մէջ…

Ե՞րբ Արժանի Գնահատանքի պիտի Արժանանայ Հայաստանի Ա.Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանը

Եթէ ճիշդ է, որ Արամ Մանուկեանն է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիրը, ապա շատ վիրաւորական է թուրքերէն սորվիլ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է յարգել հանրապետութեան հիմնադիրին  յիշատակը: Թուրքիոյ մէջ արդի Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալը ի պատուի է ոչ միայն պետական կեդրոններուն մէջ, այլ երկրին մէջ ամէն տեղ` սկսելով կրթական հաստատութիւններէն հասնելով մինչեւ ակումբներն ու հիւանդանոցները:

Ո՞ւր է Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրը. աւա՜ղ, Երեւանի քաղաքային գերեզմանատան շիրիմներուն մէջ կորսուած:

Քաջալերական էր իմանալ, որ Երեւանի քաղաքապետութիւնը որոշած է Արամ Մանուկեանի կիսանդրին կանգնեցնել եկող տարի, հանրապետութեան հրապարակին մօտիկ ինչո՞ւ ոչ` հրապարակին վրայ, չես գիտեր:

Մուսա լեռ-Այնճար
1 հոկտեմբեր 2017

 

Օրերուն Հետ. Ազգային Ընդհանուր Ժողովին Առիթով

$
0
0

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Դեկտեմբեր 5-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ  պիտի գումարուի Ազգային ընդհանուր ժողով` քննելու համար թեմական հարցեր. ժողովը նաեւ  լուսարձակի տակ պիտի առնէ հայօճախները յուզող այլազան խնդիրներ:

Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վարչական ու հոգեւոր հովանին վայելող թեմերու երեսփոխանական ժողովները հայօճախներու ընդհանրական հարցերով զբաղա՞ծ են եւ պատգամաւորները համապատասխան եզրակացութիւններով զինուա՞ծ պիտի ներկայանան հոն, թէ՞ ոչ, չենք գիտեր:

Գիտենք սակայն, որ բոլոր շրջաններն ալ քիչ-շատ կը գտնուին միեւնոյն դժուարութեանց առջեւ եւ ունին միեւնոյն տագնապները, ինչ կը վերաբերի սերունդին ազգային ինքնազգացողութիւնը խթանելու հրամայականին եւ մեր կառոյցները վերակազմակերպելու անհրաժեշտութեան:

Լեզուն նահանջած է, ազգէն ու ազգայինէն արտագաղթելու գահավէժ հոսանքին մէջն է սերունդը, մեր կառոյցները ինքզինքնին սպառած կը թուին ըլլալ եւ  այլեւս  ընթացիկ կարիքներն իսկ կաղացումով կը մատակարարուին, իսկ սփիւռքը ամբողջութեամբ վարակուած  է անտարբերութեան մահացու ախտէն, որ կը կրծէ, կը կրծէ ու կը հիւծէ մեր էութիւնը:

Նորութիւն չեն ու բոլորիս ծանօթ են ըսուածները, որոնց  համար Արամ Ա. կաթողիկոս չորս բառերու մէջ խտացուցած` Հայաստան-սփիւռք համագումարին տուաւ շշմեցնող ահազանգը. «Սփիւռքը կը մաշի, իսկ հայրենիքը կը պարպուի…»:

Ահա թէ ինչո՛ւ կ՛ակնկալուի, որ Ազգային ընդհանուր ժողովը ինքզինք դնէ դարձակէտի առջեւ` թեմական կեանքը վերակազմակերպելու եւ նոր թիրախներ հետապնդելու կամքով:

Վերակազմակերպուիլ`  ըստ հնարաւորի սփիւռքի մաշումին առաջքն առնելու, միաժամանակ` հայրենաթող հայերը լծակից դարձնել կարենալու համար հայօճախներու  կեանքին ու աշխուժութեանց :

Կ՛ակնկալուի, որ ժողովը անդրադառնայ նաեւ  վերջերս Ամերիկա տուած հովուապետական իր այցելութեան ընթացքին Ամենայն հայոց կաթղ.ի  «եկեղեցին պառակտուած» տեսնելու  անընդունելի յայտարարութեան, անոր դէմ դիրքաւորուելու եւ շեշտելու համար, թէ մտքերու մէջ «պառակտում»-ի գաղափար սերմանելով` որոշ շրջանակներ գրգռելու միտումը ոչ միայն անշահ ու ժամանակավրէպ է եւ ոչինչի կը ծառայէ, այլ նաեւ վտանգաւոր է նոյնինքն եկեղեցիին համար, ինչպէս նաեւ` հայրենիքի եւ սփիւռքի դիմագրաւած ահաւոր խնդիրներու առաջնահերթութեանց ըմբռնումին հայեցողաբար: Տակաւին, նաեւ շեշտելու, որ թեմերը առք ու վաճառքի սեփական կալուածներ չեն: Համայնքներուն իրաւունքն է որոշելու վարչական իրենց կապուածութիւնը:

Ի հոգեւորս մէկ ու միաձոյլ եկեղեցին աւելի կ՛աշխուժանայ, աւելի կը կենսաւորէ իր  պատասխանատուութիւնները , երբ  աշխարհագրական իւրայատուկ կեդրոններով  կը գործէ  եւ ունի  վարչական  ապակեդրոն դրութիւն  ու իրաւասութիւններ:

Յամենայնդէպս. առնուազն զարմանք կը պատճառէ Ամենայն Հայոցին օգտագործած «պառակտում» բառը: Ձեւակա՞ն էին ուրեմն համատեղ գումարուած եպիսկոպոսական ժողովը, համատեղ կատարուած նահատակներու սրբադասումը: Ո՞ւր եւ ի՞նչ աչքերով կը տեսնուի պառակտումը:

Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ  եկեղեցին պառակտուած տեսնելու Ամենայն Հայոցին անժամանակ յայտարարութիւնը :

Եկեղեցականներ ներքին  պառակտումներ կ՛ունենան, բայց  եկեղեցին մէ՛կ է, մէ՛կ եղած է անցեալին, մէ՛կ է նաեւ այսօր:

 

 

Սարգիս Զէյթլեան Դաշնակցական Խմբագիրը, Գործիչը, Ղեկավարը

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ

Ընկ. Զէյթլեան կը հաւատար, որ լիբանանահայ գաղութը իր դրուածքով կրնար յատուկ դերակատարութիւն ունենալ սփիւռքահայ միւս գաղութներու կազմակերպական ու Հայ դատի պահանջատիրական աշխատանքներուն մէջ` մասնաւորաբար գաղութներու կրթական, մամուլի, վարչական եւ այլ բնագաւառներէ ներս մարդուժ տրամադրելով: Այդ համոզումով ալ աշխատանքի լծուեցաւ:

Իր հերթապահութեան օրով «Ազդակ»-ը օժտուեցաւ նոր տնօրէնով` Երուանդ Փամպուքեան:

Խմբագրութեան միացաւ Պօղոս Սնապեանը:

Աշխատանքի հրաւիրուեցան երիտասարդ աշխատակիցներ, ու թերթը սկսաւ հրապարակուիլ ութ էջերով:

ԼՕԽ-ի շարքերը երիտասարդականացան:

Համալսարանաւարտ ընկերուհիներ վարչութիւններու մաս կազմեցին:

Կրթական կեանքին մէջ համալսարանական բարձր ուսման տէր երիտասարդ ընկերներ ստանձնեցին ազգային վարժարաններու տնօրէնութեանց պաշտօնները: Դպրոցներու կրթական մակարդակը բարձրացաւ, ինչպէս նաեւ գործող նախակրթարանները կարելի եղաւ երկրորդականի բարձրացնել:

Կազմակերպական կեանքին մէջ կոմիտէութիւնները ունեցան աշխուժ գործունէութիւն, յատկապէս շարքերու դաստիարակութեան ու ակմբային կեանքի աշխուժացման գծով` մշակութային նոր ձեռնարկներով ներգրաւելով երիտասարդութիւնը:

Յատուկ վերելք արձանագրեց Զաւարեան ուսանողական միութիւնը ո՛չ միայն անդամներու թիւի յաւելումով, այլեւ` Հայ դատի աշխատանքներու ծիրէն ներս նոր ձեռնարկներու կազմակերպումով (սեմինարներ, որմազդներ, քայլարշաւ, թրքական դեսպանատան դէմ ուսանողական ցոյց եւ այլն): Այս բոլորը աշխուժացուցին համալսարանական կեանքը` Հայ դատի ծանօթացման տեսանկիւնէն:

Վերատեսութեան ենթարկուեցաւ Պատանեկան միութիւններու կազմակերպական կառոյցը, եւ ուսումնասիրուեցաւ զանոնք երկսեռ երիտասարդական միութեամբ մը փոխարինելու ծրագիրը:

Ընկ. Զէյթլեան ջերմօրէն կը հաւատար հայ քաղաքական կուսակցութիւններու միջեւ գործակցութեան: Հատուածականէն վեր կը կարեւորէր ազգային համախոհութեան ու գործակցութեան ստեղծումը: Մեր իրաւունքներու ձեռքբերման համար հայկական միասնական ճակատով արտաքին աշխարհին ներկայանալը կենսական կը նկատէր:

Իր հերթապահութեան օրով Լիբանանի քաղաքական կեանքէն ներս կարեւորուեցաւ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը, մասնաւորաբար` հայ համայնքի իրաւունքներու ձեռքբերման առնչութեամբ, յատկապէս` առաջին կարգի պետական պաշտօնեաներու նշանակման գծով, հայկական երեսփոխանական պլոքի վերանորոգմամբ, ներառեալ` աւետարանական աթոռը. այս բոլորին համար լիբանանահայ քաղաքական հոսանքները ներկայացնող յարգելի ազգայիններ նշանակուեցան:

Ընկ. Զէյթլեան կը հաւատար, որ ազգի մը գլխաւոր ուժը, յատկապէս` անոր ապագայի կերտման գծով, երիտասարդութիւնն է: Ուրեմն պէտք էր աշխատիլ երիտասարդութեան առողջ դաստիարակութեան, անոր բարոյական, կազմակերպական եւ կարգապահական ոգիի խորացման, ազգային ու քաղաքական մտածողութեան զարգացման, գաղափարական վերաթարմացման ու յեղափոխական աւանդներու վերադարձման համար:

1967-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմէն ետք, երբ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւնը դարձաւ զինեալ ներկայութիւն, Լիբանանի քաղաքական կեանքէն ներս ստեղծուեցաւ փափուկ կացութիւն: Ձախակողմեան ուժեր, վստահելով այդ կազմակերպութիւններու զինեալ ներկայութեան, սկսան խոչընդոտներ ստեղծել ու քաղաքական պահանջներ դնել երկրի գործադիր իշխանութիւններուն դիմաց, յատկապէս` գործող նախագահին, պաշտօն մը, որ քրիստոնեայ մարոնի համայնքին վերապահուած է:

Ի տես ստեղծուած կացութեան` Փաղանգաւոր եւ Ազատական կուսակցութիւնները սկսան զինուիլ եւ զինավարժութեան դասեր տալ իրենց ուսանող ու երիտասարդ անդամներուն` Լեռնալիբանանի մէջ զինավարժութեան յատուկ բանակավայրեր հաստատելով: Տեղական կուսակցութիւններու այս աշխատանքը մեր` զաւարեանականներուս ուշադրութենէն չէր վրիպած: Սագօ Սարգիսեանն ու ես տեղացի ուսանող ընկերներու ընկերակցութեամբ պատեհ առիթով մը այցելեցինք Հարիսայի մէջ փաղանգաւորներու բանակավայրը եւ ներկայ եղանք անոնց փորձերուն:

Բանակողները, որոնց մէջ կային կարգ մը հայ տղաք, յատուկ համազգեստներ հագած եւ լիբանանեան բանակի սպաներու հսկողութեամբ, զանազան տրամաչափի զէնքերու յատուկ վարժութիւններ կ՛ընէին:

Օրին փաղանգաւորներու բանակավայր մեր այցելութեան մասին տեղեակ պահեցինք ընկ. Զէյթլեանը: ԿԿ-ը տեղեակ էր քրիստոնեայ կուսակցութիւններու նախաձեռնութիւններէն եւ քաջալեր էր, որ զինավարժութեան փորձերու սկսինք գէթ մենք` զաւարեանականներս, նկատի ունենալով,  որ պաղեստինցի զինեալներու եւ լիբանանեան բանակին կամ կուսակցութիւններուն միջեւ բախումներու պարագային արեւմտեան Պէյրութի մեր հաստատութիւնները` առաջնորդարան, դպրոցներ եւ ակումբներ, կրնային թիրախ դառնալ, եւ հարկ էր զանոնք պաշտպանել եւ արգիլել, որ զինեալներ մեր կեդրոնները մուտք գործեն:

Ընկ. Զէյթլեանի հետ մարզումի աշխատանքներուն համադրումը, իբրեւ «Զաւարեան»-ի ատենապետ, վստահուած էր Սագօ Սարգիսեանին: Ժամանակ մը ետք Սագոն վարչութեան տեղեկացուց, որ ընկ. Զէյթլեանը կարգ մը զաւարեանականներ գիշեր մը յատուկ հանդիպումի մը կը հրաւիրէ:

Հանդիպումը կայացաւ Անթիլիաս բնակող մեր պատասխանատու ընկերներէն մէկուն տունը: Այդ տարիներուն Անթիլիասը տակաւին քաղաքէն հեռու,  նարնջենիի պարտէզներով շրջապատուած արուարձան մըն էր, ուր քանի մը հայ ընտանիքներ կը բնակէին միայն:

Որոշեալ ժամուն շուրջ 15 ընկերներ մէկ առ մէկ հասանք ճշդուած բնակարանը: Տան հիւրասրահը կիսով լուսաւորուած էր, պատուհաններուն եւ պատշգամի դրան փեղկերը փակ: Տանտէրը տունէն կը բացակայէր` մեզ ազատ ձգելով: Ընկ. Զէյթլեանի կողքին նստած էին  յիսունի մօտ, լուրջ դէմքերով երկու անձեր: Մէկը ճաղատ, սեւ աչքերով, սեւ պեխերով, խաղաղ դէմքով: Երկրորդ անձը սրճագոյն բաճկոնով եւ սրճագոյն թաղիքէ ամերիկեան գլխարկ մը գլխուն, դէմքին ոչ մէկ արտայայտութիւն:

Քիչ ետք, երբ բոլոր տղաքը հասան, ընկ. Զէյթլեանը խօսք առնելով` ներկայացուց երկու ընկերները` Սարգիս Ազնաւորեան եւ Անդրանիկ Պաղտասարեան (Քաուպոյ Անդրանիկ), որոնք պիտի ըլլային մեր մարզիչները: Ընկ. Զէյթլեանը թելադրեց, որ մեր մարզումներուն մէջ ըլլանք հետեւողական, ճշդապահ, գաղտնապահ, լուրջ կարեւորութիւն ընծայենք ընկերներու ցուցմունքներուն, որովհետեւ լուրջ առաքելութիւններ մեզ կը սպասեն:

Վստահաբար ընկեր Սարգիսը մեզմէ մեծ ակնկալութիւններ ունէր կուսակցութեան ապագայ ծրագիրներուն գծով: Մենք բաժնուեցանք երկու խումբի, մէկը` քաղաք բնակողներս, ընկ. Ազնաւորեանի գլխաւորութեամբ, միւսը` Պուրճ Համուտ բնակողները, ընկ. Պաղտասարեանի առաջնորդութեամբ: Մեր մարզումները շարունակուեցան շուրջ երկու տարի, եւ 1969-ին ու 1973-ին պաղեստինեան կազմակերպութիւններ-լիբանանեան բանակ բախումներու ընթացքին մեզի վստահուեցաւ ազգային հաստատութիւններու հսկողութիւնը: Հետագային մարզուող ընկերներէն Սագօ Սարգիսեանն ու Վաչէ Տարագճեանը կարեւոր դեր ունեցան համակուսակցական մարտական աշխատանքներուն մէջ` ընկ. Սարգիսին ակնկալութիւնները ի դերեւ չհանելով:

Ընկ. Սարգիսը յատուկ համարում ունէր Սագոյին նկատմամբ, որուն մէջ կը տեսնէր դաշնակցական ապագայ ղեկավարը: Կը գնահատէր անոր զոհաբերութեան ոգին, զօրեղ անհատականութիւնն ու կազմակերպական կարողութիւնները: Ընկ. Հրայրը առիթով մը ինծի ըսած է. «Սարգիսը` Սագոյին մէջ կը տեսնէ իր նմանակը»:

Երիտասարդութեան նկատմամբ ընկ. Սարգիսին ունեցած հաւատքը, անոնց հետ ուղղակի կապ ստեղծելու, անոնց աշխատանքին մղում տալու եւ երիտասարդութեան ու իրենց սերունդին միջեւ բնականոն գործակցութիւն ծաւալելու համոզումներն էին, որ անոր մղումով ու ընկերներ Մարուխեանի եւ Տասնապետեանի աջակցութեամբ Լիբանանի 1979-ի Շրջանային ժողովը ԿԿ-ի երիտասարդ կազմ մը ընտրեց, որուն յաջորդեց 1981-ի ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին կողմէ Բ.ի կազմի երիտասարդականացումը:

Ընկ. Սարգիսի նկարագրային յատկանիշներէն էին` պարզութիւնը, ուղղամտութիւնը, նրբազգացութիւնն ու ընկերներու նկատմամբ հոգածութիւնը, որ իրեն հետ շփումով կը զգացուէր միայն` ներգրաւելով գործակից ընկերները:

Այդ մէկը ես զգացեր եմ, երբ 1978-ին, կիրակի մը, առաւօտ կանուխ հեռաձայնս հնչեց: Օր մը առաջ Լիբանանի կազմակերպութեան Շրջանային ժողովի բացումը կատարուած ու նիստերը սկսած էին: Այդ գիշեր, նիստերու աւարտէն ետք Սագոն տուն հասնելուն` սրտի տագնապ անցուցեր եւ հիւանդանոց փոխադրուեր էր: Ընկ. Սարգիսը, ընկ. Հրայրն ու ընկ. Հրաչը տեղեակ ըլլալով, առաւօտուն ուզած են հիւանդանոց այցելել` Սագոյի տեսութեան:

Ընկ. Սարգիսը գիտնալով, որ ես Սագոյին շատ մօտիկ եմ, ուզած էր զիս տեղեակ պահել, որ ես ալ իրենց ընկերանամ: Ընկերներու ցաւերուն լուռ բաժնեկից էր ան:

Հաճելի զրուցակից էր ընկ. Զէյթլեան:

Խօսակիցներուն ու իր միջեւ զուարթ մթնոլորտ ստեղծող: Ծաւալած այդ անկաշկանդ խօսակցութիւններու ընթացքին կը ջանար առաւելագոյն տեղեկութիւններ քաղել, մանաւանդ` այն նիւթերուն շուրջ, որոնք իր գործադաշտէն ու հետաքրքրութիւններու անմիջական ծիրէն դուրս էին: Կ՛ուզէր տեղեկանալ` կարենալ ճշդորոշուելու, մտքերը համադրելու եւ զանոնք կարենալ հիմնաւորելու համար:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկզբնաւորութեան էր: Ընկերոջ մը հետ լուր ղրկած էր, որ կիրակի մը իր մօտ` Այնճար ելլեմ: Երբ հասայ,  ընկ. Սարգիսը տան բակը նստած` ընկ. Նգրուրեանին հետ կը զրուցէր: Անոնք Ճեմարանի մէջ դասընկերներ եղած էին եւ համագիւղացի, ու շատ բան ունէին իրարու փոխանցելիք: Ընկ. Սարգիսի մտահոգութիւնը փաղանգաւոր զինեալներու Պուրճ Համուտէն սանձարձակ ելումուտն էր, որ երբեմն անհաճոյ դէպքերու տեղի կու տար՝ մեր կազմակերպութեան վարկը խնդրոյ առարկայ դարձնելով, միեւնոյն ատեն` ազդելով հայ ազգաբնակչութեան հոգեվիճակին վրայ: Կը մտածէր մեր զինեալ տղոց կողմէ երկու անցարգելներ դնել տալ, մէկը` Պէյրութ գետի կամուրջին վրայ, երկրորդը Անթիլիաս` վանքին մօտ` մայրուղիին վրայ, որպէսզի արգիլեն Փաղանգաւոր զինեալներու Պուրճ Համուտ ելումուտը: Այս գծով, իբրեւ «Աղբալեան» կոմիտէի անդամի, կ՛ուզէր կարծիքս ունենալ:

Ընկ. Սարգիսին կարծիքը չբաժնելով` ըսի, որ նման նախաձեռնութիւն փաղանգաւոր զինեալներուն ու մեր տղոց միջեւ բախումներու պատճառ պիտի ըլլայ, ու անտեղի զոհեր պիտի տանք, որովհետեւ մեր ընկերութեան մէջ աշխատող փաղանգաւոր պաշտօնակիցներուս ուղեկցութեամբ առիթը ունեցած էի այցելելու անոնց զինուորական դիրքերը եւ տեսած, որ Տըպպայէէն մինչեւ Պրումմանա երկարող լեռնաշղթայի բարձունքներուն վրայ հեռահար թնդանօթներ զետեղած էին` արեւմտեան Պէյրութը հարուածելու նպատակով եւ կրնային զանոնք դէպի Պուրճ Համուտ ուղղել, ինչ որ մեզի համար աղէտաբեր կրնար ըլլալ, աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը իր մարտական փորձառութենէն մեկնած` այլ միջոցներ ունի այս կացութեան առաջքը առնելու, պատժելով անոնց պատասխանատուներն ու ղեկավարները: Բացատրութիւններս համոզած էին ընկ. Սարգիսը: Երբ պատրաստուեցայ մեկնիլ, յայտնապէս ան գոհացած էր փոխանցած տուեալներէս ու բացատրութիւններէս:

Իր համեստութեան եւ վեհանձնութեան կողքին, ընկ. Սարգիսը անողոք էր կեղծաւորներու եւ յատկապէս ազգային իրաւունքները ոտնահարողներուն նկատմամբ: Իրեն համար սուտը, կեղծիքը, թուլամորթութիւնը, անկազմակերպ ու չծրագրուած աշխատանքը, բարոյական սկզբունքներու ոտնահարումը, յատկապէս` կուսակցական աշխատանքներու նկատմամբ, անհանդուրժելի էին:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկզբնաւորութեան էր, ԿԿ-ը երկար տարիներէ ի վեր Լիբանան բնակող սուրիահպատակ մեր հայրենակիցներուն լիբանանեան քաղաքացիութիւն ապահովելու համար յատուկ դասաւորում ըրած էր եւ աշխատանքը վստահած` պատասխանատու ընկերոջ մը:

Նախաձեռնութեան աւարտին, երբ ԿԿ-ը կատարուած աշխատանքի նիւթաբարոյական գնահատումը ըրած էր, նշմարած էր, որ գործառնութիւնը պէտք էր հաշուեքննութեան ենթարկուէր, ուստի զիս նշանակեցին, որ հաշուեքննութիւն կատարեմ:

Կանոնաւոր արձանագրութիւն ու տոմարակալութիւն գոյութիւն չունենալով` կարելի չէր ընկալուած ձեւով հաշուեքննութիւն կատարել:

Անճրկած էի: Պէտք էր ձեւ մը գտնէի հաշիւները վերականգնելու: Բարեբախտաբար ընկ. Սուրէն Տօնապետեանը, որ այս աշխատանքներուն համար պատկան սպասարկութիւններուն հետ կապ պահողն էր, տետրակի մը մէջ արձանագրուած ունէր ստացած ինքնութեան թուղթերուն թիւը եւ անոնց համար վճարած գումարները: Ընկ. Սուրէնին արձանագրութիւնները հիմք ունենալով, հաշուեկշիռ մը պատրաստեցի` կարենալով կատարել մօտաւոր գնահատումը ԿԿ-ի փոխանցուելիք գումարին:

Յայտնապէս այս գործին ընկերը պարտականութեան մէջ թերացած էր եւ պատասխանատւութեան պէտք էր կանչուէր:

Որոշ ժամանակ կը վարանէի հաշուեքննութեանս տեղեկագիրը ԿԿ-ին ներկայացնել` մտածելով ընկ. Սարգիսի, որ ԿԿ-ի մօտ Բիւրոյի ներկայացուցիչի հանգամանքով ժողովներուն կը մասնակցէր, ունենալիք հակազդեցութեան մասին, գիտնալով, որ ինք ու ենթական շատ մօտիկ ընկերներ են:

Ատեն մը ետք ընկ. Սարգիսը ուզեց, որ հանդիպինք ցարդ կատարուած աշխատանքին մասին տեղեկանալու համար: Յաջորդող օրերուն, երբ Արեւելեան Պէյրութ անցած էր, հանդիպեցանք ճաշարան «Փանոս», ու ես լայն տեղեկութիւններ տուի ո՛չ միայն ենթակային գործելաձեւին մասին, այլ նաեւ բացատրեցի այն հիմքերը, զորս պատրաստած տեղեկագիրիս համար իբրեւ հիմք ու մեկնակէտ ունեցած էի:

Խօսքս աւարտեցի անձկութեամբ` սպասելով ընկ. Սարգիսի հակազդեցութեան: Զարմանքս մեծ եղաւ, երբ ընկ. Սարգիսը առանց տատամսելու ու յաւելեալ հարցումներ ընելու ու տեղեկութիւններ ուզելու` ըսաւ. «Խնդրոյ առարկայ ընկերը շարքերէն կը հեռացուի»:

Սակայն մեկնելով իր բծախնդրութենէն, եւ որպէսզի պատկան մարմիններուն կայացնելիք որոշումը աւելի հիմնաւորուած ըլլայ, առաջարկեց կատարուած հաշուեքննութեան մասին ունենալ նաեւ ընկ. Մասիս Ալեքսանդրեանին տեսակէտը, ինչ որ կատարուեցաւ:

Հոկտեմբեր 2017, Մոնրէալ
(Շար. 2)

 

Տատրակ Կամ Մշոյ Գեղամ. Վերահաս Աղէտի Մը Արթուն Դիտորդը

$
0
0

Գեղամի հետեւեալ կենդանագիրը կը պարտինք ֆետայի եւ քաղաքական գործիչ Ռուբէնին (1881-1951) 55, որ 1906-1908 պատասխանատուութիւններ ստանձնած է Գեղամին հետ.

Ան հին յեղափոխական էր, բայց մարտական գործիչներէն տարբեր հայեացքներ ունէր, Հրայրի նման զգուշ էր ու կողմնակից` խաղաղ միջոցներու: Ան մեծ յոյս ունէր եւրոպական պետութեանց միջամտութեան վրայ ու կը հաւատար հասնիլ բարենորոգումներու իրագործման` առանց ըմբոստութեան ու արիւնահեղութեան: Ան կանգնած էր յեղափոխութեան ու պահպանողականութեան միջեւ: Մշոյ առաջնորդարանի քարտուղարն էր, բայց ըստ էութեան, ինքն էր առաջնորդը, որովհետեւ ինչ առաջնորդ ալ գար, անպայման կը շարժէր իր ցուցմունքներով ու խորհուրդներով: Գեղամ, խառնուածքով ազնիւ ու հայրենասէր, կը սիրուէր բոլորէն, կ’ապրէր ժողովուրդին կեանքով ու ժողովուրդին վիշտը իր վիշտն էր: Ասկէ զատ ան [կը համարուէր] «կուսակցութեան մարդը», այսինքն ամէն ոք կը կարծէր, թէ անոր ետեւ կանգնած է ամբողջ կուսակցութիւնը: […] Ինչ որ ալ ըլլային Գեղամի տեսակէտները կուսակցութեան գործելակերպի այս կամ այն ձեւի մասին, ան այնուհանդերձ հաւատացեալ դաշնակցական մըն էր ու խիստ կարգապահ: […] Ան ցերեկները կ’աշխատէր իբրեւ Գեղամ, գիշերները` իբրեւ Տատրակ ու Ասողիկ: Այս կեղծանունները իսկապէս ալ կը համապատասխանէին իր էութեան. տատրակի նման անմեղ էր, երկչոտ ու զգուշ: Ան զէնքի մարդ չէր, զէնքէն կը վախնար, բայց կը պաշտէր ուժեղները եւ զէնք գործածողները: Նա ասողիկի նման գրող էր, լաւ ծանօթ էր Հայաստան աշխարհի բոլոր անցուդարձերուն, պատմութեան, հայ ժողովուրդի բարքերուն, կը հաւաքէր երգեր, աւանդութիւններ, եւայլն: Ան էր, որ կը գրէր կառավարութեան, պատրիարքարանի ու կուսակցութեան բոլոր նամակները, տեղեկութիւնները, վիճակագրութիւնները: Մէկ խօսքով, Գեղամ Դուրան Բարձրաւանդակի գրիչն էր, անոր մտաւոր աշխատանքը տանողը, այդ աշխարհի քեաթիպը: Ասկէ զատ, ան գործելով Մուշ քաղաքի առաջնորդարանին մէջ` կը հաւաքէր բոլոր պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւնները. յարաբերութեան մէջ էր պետական պաշտօնեաներու հետ: Այսպիսով ան թանկագին տեղեկութիւններ կը հայթայթէր կուսակցութեան ու յեղափոխականներուն, կ’իմանար վտանգները, խուզարկութիւնները, զօրքերու շարժումները եւ մեզ կը տեղեկացնէր ըստ այնմ: Կարելի է անվարան ըսել, որ Գեղամին ու ընկերներու շնորհիւ էր, որ շատ կռիւներէ խուսափած ու շատ հաւանական մահերէ ազատած ենք 56:

Ամէն բան ըսուած է հոս: Պոսթընի ՀՅԴ արխիւները կը պահեն այս գրութիւնները, տեղեկագրերը, խմորատիպ 57 կամ անտեսանելի մելանով գրուած նամակները, որոնք տարիներ շարունակ Գեղամի կողմէ ղրկուեր են ղեկավար զանազան մարմիններու, Բիւրոներուն 58, ինչ որ կը հաստատէ նաեւ Վահան Փափազեան.

Գեղամ Տէր Կարապետեան` մեր հին յեղափոխականներէն, Տարօնի «Տատրակ»-ը. […] լուռ ու մունջ եւ հազար վտանգներու մէջէն կրցաւ իր կապերը երբեք չխզել կուսակցական վերին մարմիններու հետ եւ անզուգական Վարդան վարդապետին կից` չափաւորեց բազմաթիւ ասպատակային եւ վնասակար ելոյթներ` մեր ֆետայական խումբերու 59:

Հակառակ քաղաքական իսկական վտանգներուն` Գեղամ փափաքած էր Տարօնը ներկայացնել Վիեննայի մէջ կայացած ՀՅԴ 4-րդ Ընդհանուր ժողովին (1907) 60: Խորհրդապահական շրջանակէն դուրս գալո՞ւ, թէ՞ մարտավարական, ներքին կարգապահական, ընկերվարութեան կամ կովկասեան հարցերուն առնչուող վիճարկումներուն մասնակցելու ցանկութիւն: Գրեթէ անտարակոյս կարելի է հաստատել, որ ինք գրած է ժողովին ներկայացուած` Դուրան-Բարձրաւանդակի գործունէութեան տեղեկագիրը (93 էջերէ բաղկացած ձեռագիր տեղեկագիր մը) 61: Այդուհանդերձ, կը մերժուի անոր թեկնածութիւնը: Նախընտրութիւնը կը տրուի ֆետայի Սարհատին (Գէորգ Չաւուշ, 1870-1907): Սակայն Սարհատ եւս չի մեկնիր Վիեննա: Տարօնէն դուրս երթալու համար, որ 1904-էն ի վեր պաշարուած էր բանակին կողմէ, պէտք էր անցնիլ լեռներու գագաթներով: Ձիւնախառն ահաւոր բուքն ու սառը քամին երկու առիթով կը ստիպեն անոնց ետդարձ ընել, ինչպէս ժամանակին` Քսենոֆոնի զինուորները 62: Ու քանի մը ամիս ետք, Սուլուխի կամուրջին վրայ թուրք ոստիկանութեան հետ կռիւի բռնուելով, Գէորգ Չաւուշ կը նահատակուի` անցնելով Տարօնի առասպելներու ոսկեայ էջերուն, ուր հերոսներու փառքը կը հիւսեն ժողովրդական երգեր: 

1908-ի ամրան ցնծութեան օրերուն, երիտթուրքերու յաղթանակէն եւ օսմանեան սահմանադրութեան հաստատումէն ետք, Սուրբ Կարապետ վանքին մէջ կը գումարուի Դաշնակցութեան Դուրան- Բարձրաւանդակի նշանաւոր Շրջանային ժողովը (15-17 սեպտեմբեր 1908): Հոն կ’որոշուի ու կը պարտադրուի ֆետայիներու զինաթափումը, որուն մասին Ռուբէն կը պատմէ յուզիչ շեշտերով 63:   Ցրուելէ առաջ` … ժողովը այդ պատգամաւորութեան կ’որոշէ Պ. [Պրն.] Ռուբէնը…..: Ժողովս միաձայն հաւանութեամբ կը պահանջէ նաեւ Պ. [Պրն.] Ռուբէնի հետ ընկերանայ Պ. [Պրն.] Գեղամ Տէր Կարապետեանը անպայման կերպով` ներկայ գտնուելու եւ դաշնակցական Ե. Ընդհանուր ժողովին ներկայացնելու Դուրանի ժողովրդեան ցաւերն ու պահանջներն:

Բանաձեւ մը, որ կ’ապացուցէ կազմակերպութենէն ներս Գեղամի ներշնչած վստահութիւնն ու յոյսը: Քանի մը շաբաթ ետք, նոյեմբեր 1908-ին ան վերջապէս կ’իրականացնէ երկար ժամանակէ ի վեր զսպուած քաղաքական ձգտում մը` ընտրուելով օսմանեան խորհրդարանի Մշոյ շրջանի պատգամաւոր (mebus): Կը պարզուի սակայն, որ ՀՅԴ օրուան ղեկավարութիւնը նախընտրած էր Անդրանիկը, որ ճանչցուած եւ խիզախ «զինուորական» գիծի գործիչ մըն էր:

Վիեննայի Ընդհանուր ժողովէն ետք ՀՅԴ դարձած էր Երկրորդ միջազգայնականի անդամ (1907), եւ այնուհետեւ կը ներկայանար ընկերվարական պիտակով 64: Օսմանեան առաջին խորհրդարանի անդրանիկ նիստին, գումարուած` դեկտեմբեր 1908-ին, Գեղամ իբրեւ Մշոյ դաշնակցական պատգամաւոր` 7 այլ պատգամաւորներու հետ (3 դաշնակցական, 1 հնչակեան 65, եւ 3 պուլկար, ընդամէնը 8 պատգամաւոր` 266-ի վրայ) մաս կը կազմէր «աշխատաւորներու հոսանքին», որ կը ներկայանար իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան «աշխատաւորներու շահերու» պաշտպան:

Այդպէս էր առնուազն տեսականօրէն: Դաշնակցական խորհրդարանականի հանգամանքով Գեղամ կը հրաւիրուի ՀՅԴ 5-րդ Ընդհանուր ժողովին, Վառնա (15 օգոստոս-15 սեպտեմբեր 1909) 66, այն օրերուն, երբ կուսակցութիւնը պէտք էր հաստատէր իր զօրակցութիւնը օսմանեան նոր համակարգին, ինչպէս նաեւ իր համագործակցութիւնը` երիտթուրքերու Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէին հետ (CUP/Ittihat ve Terakki), Ատանայի ջարդերէն եւ Ապտիւլ Համիտ Բ.ի իշխանութեան անկումէն ետք (Մարտ-Ապրիլ 1909): Գեղամ աշխուժօրէն կը մասնակցի Կոստանդնուպոլսոյ մէջ կայացած ՀՅԴ 6-րդ Ընդհանուր ժողովին (17 օգոստոս-18 սեպտեմբեր 1911) 67: Ճշմարտութեան ժամը հնչած էր: Յայտնի «աշխատաւորական» ճակատի պատգամաւորները խստօրէն կը քննադատուին համախորհուրդ գործունէութեան պակասի, անհատական թշնամանքներու եւ մանաւանդ արեւելեան նահանգներու վատթարացող կացութեան շուրջ բաւարար տեղեկութիւն փոխանցած չըլլալու պատճառով (հայ գաղթականներու վերադարձի անկարելիութիւն, հողային հարց, անապահովութեան աճ, արդարութեան բացակայութիւն, ծանր հարկերն ու անոնց գանձումին ձեւը, ինչպէս նաեւ, 1909-էն ի վեր ոչ մահմետական բնակչութեան պարտադրուած զինուորական ծառայութեան պայմանները):

Գեղամ հռետոր մը չէր եւ, ինչպէս կ’երեւի, անոր ելոյթները օսմանեան խորհրդարանին մէջ եղած են հազուադէպ ու անդադար միեւնոյն նիւթը արծարծող 68, իսկ խորհրդարանի նշանաւոր դէմքը եղած է Գրիգոր Զոհրապ (1861-1915)` «ազատական» պատգամաւոր մը, հրապուրող, հանրայայտ հայ գրագէտ եւ միանգամայն թրքախօս փայլուն իրաւաբան: Գեղամ երկչոտ էր, լռակեաց, զուսպ եւ շուքի մէջ աշխատող, իսկ իր երկչոտութիւնը կը կրկնապատկուէր քանի չէր տիրապետեր թրքերէնին ու մանաւանդ օսմանլի 69 գրութեան: Սակայն ՀՅԴ 6-րդ Ընդհանուր ժողովին, երբ ան իբրեւ տարօնցի մտաւորական կը ներկայանայ Ասողիկ 70 անունով, Գեղամ կը հակադրուի Բիւրոյին: Անոր համար Իթթիհատին հետ կնքուած դաշինքը որեւէ դրական հետեւանք չէ ունեցած արեւելեան նահանգներու հայութեան համար, եւ նոյնիսկ հակառակ ազդեցութիւն ունեցած է` տեղի տալով հակազդեցութիւններու եւ «հալածանքներու»: Եթէ ՀՅԴ կը փափաքի համաձայնիլ Իթթիհատին հետ, ինչո՞ւ չի փորձեր նոյնը կատարել հայկական միւս կուսակցութիւններուն հետ: Ինչո՞ւ չի փորձեր միանալ քիւրտերուն եւ յատկապէս` քիւրտ ռայաներուն: Հողային հարցը կարգաւորելու եւ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ լուծում մը գտնելու համար արդեօք աւելի լաւ չէ՞ խաղաղ յարաբերութիւններ պահել միւսներուն հետ 71: Այս պատճառով է, որ Գեղամ կ’ընդդիմանայ Իթթիհատին հետ յարաբերութիւնները խզելու եւ ինքնապաշտպանութեան մարտավարութեան վերադառնալու հեռանկարին, որոնց հետեւանքները աւելի վատ կը լինի. գիտնալու էք, որ մեր ժողովուրդը նոյնիսկ պարզ-անձնական ինքնապաշտպանութեան չէ ուզած դիմել […] որովհետեւ ինքնապաշտպանութիւնը տեղական իշխանութիւններու կողմէ միշտ մեկնուած է իբրեւ ըմբոստութիւն պետական օրէնքներու դէմ […] Լաւ կ’ըլլար, որ անոր փոխարէն` մենք պահանջէինք, որ Իթթիհատը մաքրէր իր գաւառական մասնաճիւղերը հին բռնակալ եւ զեղծագործ տարրերէ եւ ընդունէր խառն մարմիններու կազմութիւնը, երկու կուսակցութեանց համար 72:

Սակայն, 1912-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ, երբ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան եւ ՀՅԴ-ի յարաբերութիւնները խզուելու ընթացքի մէջ էին, Գեղամ կը դիմէ Արեւելեան Բիւրոյին` հովանաւորելու իր թեկնածութիւնը Մշոյ մէջ: Հակառակ կուսակցութեան վերապահութեան, որ կը նախընտրէր թրքերէնին աւելի լաւ տիրապետող թեկնածու մը ունենալ, Գեղամ կ’ընտրուի 73: Յուլիս 1913-ին, Սուրբ Կարապետ վանքին մէջ` Վարդավառի տօնակատարութեան ժամանակ Գեղամ կ՛ընդունուի Վարդան վարդապետէն (1846-1915) 74. Ռոստոմի, Զաւարեանի, Գարմէնի, Ռուբէնի, Կորիւնի 75 հետ միասին: Ան սակայն չի մասնակցիր ՀՅԴ 7-րդ Ընդհանուր ժողովին, որը տեղի կ’ունենայ օգոստոսին, Էրզրումի մէջ 76: Ժողովը կը կազմէ «երրորդ Բիւրօ մը` Հայաստանի համար», որուն գործունէութեան դաշտը պիտի ընդգրկէր արեւելեան վեց վիլայէթներու եւ Տրապիզոնի շրջանը, եւ որ կը նախատեսէր բնակչութեան վերազինումը` հաւանական ճակատումի մը պարագային զայն նախապատրաստելու նկատառումով 77:

Սիմոն Զաւարեանի անակնկալ մահը (1866-1913) ծանր հարուած մըն էր: Ան վերադարձած էր Կոստանդնուպոլիս` երկար ու յոգնեցուցիչ կեցութենէ մը ետք Մուշի մէջ, ուր կը վարէր Տարօնի հայկական դպրոցներու պատասխանատուի պաշտօնը:

ՀՅԴ կը կազմակերպէ իսկական ազգային յուղարկաւորութիւն` ի պատիւ այս աշխարհական սուրբին, որուն տուած էր «Կուսակցութեան խիղճը» մականունը, եւ զօրաշարժի կ’ենթարկէ իր բանաստեղծները` Աւետիս Ահարոնեան, Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ: Գեղամ, որ իրապէս գնահատած էր Զաւարեանը, կը կարդայ անոր դամբանականը` Բանկալթիի գերեզմանատան մէջ (20 հոկտեմբեր 1913) 78:

Պալքանեան պատերազմի թէժ օրերն էին. դիւանագիտական սուր պայքար կը մղուէր եւրոպական տէրութիւններուն միջեւ: Ռուսիա կը յաղթահարէ Գերմանիոյ ընդդիմութիւնը, ձեռք կը ձգէ տէրութիւններու համաձայնութիւնը` թրքահայաստանի բարենորոգումներուն շուրջ եւ կը յաջողի զայն ընդունիլ տալ օսմանեան կառավարութեան (8 փետրուար 1914): Արեւելեան վեց վիլայէթները, որոնց միացուած էր նաեւ Տրապիզոնի վիլայէթը, կը դասակարգուին արեւելեան երկու նահանգներու կազմին մէջ, եւ կը յանձնուին երկու տեսուչներու վերահսկողութեան, որոնց պարտականութիւնն էր հսկել բարենորոգումներու ծրագրի գործադրութեան: Ռուսիոյ նախաձեռնութիւնը տեւաբար կը քաջալերուիՀայ եկեղեցւոյ եւ միութիւններու կողմէ` Թիֆլիսէն Կոստանդնուպոլիս եւ Երեւանէն Փարիզ 79: Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Գեղամ մաս կը կազմէ քաղաքացիական խորհուրդի մը, որուն պարտականութիւնն էր իրազեկել նորանշանակ պատրիարք Զաւէնը` իր ընտրութիւններուն եւ առնելիք քայլերուն մէջ 80: Երկու տեսուչներու, նորվեկիացի Հոֆի եւ հոլանտացի Վեսթընենկի նշանակումը ապրիլ 1914-ին` նոր յոյս կը ներշնչէ հայութեան 81: Անկասկած Գեղամ եւս ներշնչուած էր միեւնոյն յոյսերով: Բայց հաւանաբար  նաեւ վախցած` մահմետականներու հակազդեցութենէն, նկատի ունենալով, որ թուրք բանակը այդ օրերուն Պիթլիսի մէջ խեղդած էր քրտական ապստամբութիւն մը: Այդ օրերուն, 1914-ի գարնան, խորհրդարանական չնախատեսուած ընտրութիւններու աւարտին, որոնք յատկանշուած էին իթթիհատականներու եւ անոնց երրորդութեան` Թալէաթի, Էնվերի ու Ճեմալի բացարձակ յաղթանակով 82 Գեղամ  «հայկական քուէներով» վերընտրուած էր Մշոյ պատգամաւոր 83: Գեղամ չի մասնակցիր Էրզրումի մէջ օգոստոս 1914-ին տեղի ունեցող ՀՅԴ 8-րդ եւ պատմական Ընդհանուր ժողովին: Եւրոպայի մէջ արդէն իսկ պատերազմ յայտարարուած էր, իսկ թուրք կառավարութիւնը տուն ղրկած էր երկու տեսուչները:

Գեղամի յարաբերութիւնները ՀՅԴ-ի հետ եղած են անկեղծ, բայց երբեմն ալ` լարուած, քանի Գեղամ գիւղական մտաւորականութեան պարզ ներկայացուցիչ մըն էր, իսկ կուսակցութիւնը ժամանակի ընթացքին դարձած էր համաշխարհային կառոյցով կազմակերպութիւն, տարածուած` մինչեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, օժտուած զինուորական կառոյցով, եւ 20-րդ դարու սկիզբին մասնակից դարձած` Պարսկաստանի, Ռուսիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ծագած յեղափոխութիւններուն: Գեղամ տարուած չէ բռնի եւ ցուցական գործողութիւններով, ու թէեւ կը հիանայ հայ առասպելական հերոսներու համեմատելի ֆետայիներու քաջութեան, այդուհանդերձ, քննադատական մօտեցում ունի ՀՅԴ-ի մարտավարութեան նկատմամբ: Ան առաւելաբար պահպանողական է, քան յեղափոխական, ամբողջովին համակուած է Տարօնի իրավիճակով եւ կը մերժէ ինքնապաշտպանութեան ոճի վերադարձը այդ շրջանէն ներս, որ ամբողջովին կտրուած է աշխարհէն եւ ունի մարդուժի, զէնքի ու դրամի մեծ կարիքներ: Լրջօրէն ստանձնելով օսմանեան պատգամաւորի իր դերը` Գեղամ կը ձգտի ներկայացնել Տարօնի ժողովուրդը, եւ ոչ` կուսակցութիւն մը, որուն կովկասեան ղեկավարութեան հեղինակութիւնը չ՛ուզեր ընդունիլ, կը փորձէ ձերբազատիլ անկէ: Հայրենի հողի ու գրչի մարդ ըլլալով` Գեղամ կը ձգտի իր  պայքարը մղել գաղափարի ու դաստիարակութեան ճամբով:

Ֆրանսերէնէ թարգմանեց`
ՀԵՐՄԻԿ ՆԵՐՍԻՍԵԱՆ

(Շար.4)

—————————————-

55.- «Ռուբէն Տէր Մինասեան – Փաստաթղթերի եւ նիւթերի ժողովածու», Ա. Վիրապեան, Խ. Ստեփանեան, Երեւան, 2011:
56.- Ռուբէն, «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» , Լոս Անճելըս, 1951, հատոր 4-րդ, էջ 62-63:
57.- Տպագրութեան նախնական եղանակ մը:
58.- ՀՅԴ-ի ղեկավարութիւնը կազմուած էր Ժընեւի արեւմտեան եւ Թիֆլիսի արեւելեան Բիւրոներէն: Տե՛ս Հրաչ Տասնապետեան, «ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցի
հոլովոյթը», Պէյրութ, 1974:
59.- Վ. Փափազեան (Կոմս, 1876-1973), «Իմ յուշերը», Պէյրութ, 1952, Բ. հատոր, էջ 59: Վահան Փափազեանդաշնակցական գործիչ մըն է, որ 1908-ի Վանի ընտրութիւններուն ընտրուեցաւ խորհրդա րանի պատգամաւոր (mebus): Ան հետաքրքրական վկայութիւններ ունի օսմանեան խորհրդարանի եւ անոր հայ պատգամաւորներուն մասին:
60.- ՀՅԴ 4-րդ Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Վիեննա, 1907-ի 22 փետրուարէն 29 մայիս: Վճռորոշ ժողով մը, որ կը կազմէ Ռուսահայաստանի եւ Թրքահայաստանի կրկնակ ծրագիրը:
61.- «Դուրան-Բարձրաւանդակի Կեդրոնական կոմիտէի տեղեկագիր ուղղուած ՀՅԴ 4-րդ Ընդհանուր ժողովին» խորագրեալ գրութիւնը կը կրէ «1 նոյեմբեր 1906, Տարօն (Մուշ)» թուականը: Տեղեկագիրը ծածկագրուած է Մայր Արաքսի ժողովրդական երգի բառերով, եւ ստորագրուած` Տատրակ եւ Ռուբէն: Հոն կը գտնենք արժէքաւոր տեղեկութիւններ Կեդրոնական կոմիտէի 1904-1906 գործունէութեան շրջանի համեստ պիւտճէին եւ զէնքի ու դրամի տեսանկիւնէն անոր հսկայական կարիքներուն մասին: Տեղեկագրին մէկ բաժինը հրատարակուած է «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» Դ. հատորին մէջ, էջ 54-72:
62.- Վերջապէս Անդրանիկը եւ Սեբաստացի Մուրատն է (1874-1918), որ Տարօնը կը ներկայացնեն Վիեննայի ժողովին:
63.- Յուշեր (տես. նօթ թիւ 41), էջ 241-244:
64.- Առաջին անգամ ընդունուած է Շթութկարտի Բ. Միջազգայնականի համագումարին իբրեւ կովկասեան կուսակցութիւն, եւ 1909-ին իբրեւ` «յառաջիկային կեանքի կոչուելիք օսմանեան մասնաճիւղի մը ենթաբաժանում»: Տե՛ս Անահիտ Տէր Մինասեան, The role of the Armenian community in the foundation and development of the socialist movement in the Ottoman Empire and Turkey, 1876-1923, «Socialism and nationalism in the Ottoman Empire 1876-1923» աշխատութեան մէջ: Հրատ. M. Tuncay եւ E. Jan Zurcher],  1994 Լոնտոն, էջ 109-156:
65.- Դաշնակցական պատգամաւորներն են` Արմէն Գարօ Փաստրմաճեան, Վարդգէս Սէրէնկիւլեան, Վահան Փափազեան, հնչակեան պատգամաւորը` Մուրատ (Համբարձում Պոյաճեան):
66.- Թիւ 52-ով մէջբերուած վաւերագրեր, Զ. հատոր, էջ 20-150:
67.- Թիւ 52-ով մէջբերուած վաւերագրեր, Ը. հատոր, էջ 8-119:
68.-  Գեղամին ելոյթը խորհրդարանի 137-րդ նիստին հրատարակուած է «Ազատամարտ»-ի թիւ 53-ին մէջ, 1909-ին:  «Այս անխօս մարդը, որ սկսած էր դառնալ կասկածելի եւ իր անկիւնին մէջ քաշուած, կը կերպարանափոխուէր, երբ մէկն ու մէկը, ընկեր կամ խորհրդարանի որեւէ երեսփոխան, յանդգնէր ժխտել անոր բերած փաստերը` Տարօնի հարստահարութիւններու մասին:…. Իր կցկտուր ճառերը խորհրդարանի մէջ մերթ կը սկսէին Mus ovasinda-ով [«Մշոյ դաշտին մէջ»]. այդ երկու բառերը հերիք էին, որ նստարաններու վրայ նստած մարդիկ խնդային…» : Փափազեան, «Իմ յուշերը», Բ. հատոր, էջ 60 (մէջբերուած թիւ 59-ով):
69.-  Արմէն Գարօ, Վահան Փափազեան եւ Վարդգէս Սէրէնկիւլեան կ’ամբաստանուին թրքերէն չգիտնալու պատճառով:
70.- Տե՛ս նօթ թիւ 3:
71.- «Նիւթեր ՀՅԴ պատմութեան համար», Ը. հատոր, էջ 58:
72.- Միեւնոյն տեղը, էջ 62:
73.- Տիգրան Մեսրոպ Գալիկեան, Armenian organization and ideology under Ottoman rule (1908-1914), New Brunswick (NJ), 2009,էջ 124 եւ 129:
74.- Յ. Պետրոսեան, «Վերջին առաջնորդը Տարօն աշխարհի», (Վարդան ծայրագոյն վարդապետ Յակոբեան), Էջմիածին, դեկտեմբեր 2012, էջ 49-65: Յեղափոխական վարդապետը 1915-ի ամրան վայրագօրէն սպաննուած է իր հօտին հետ:
75.- Ա. Գեւոնեան, «Ուխտագնացութիւն դէպի Սուրբ Կարապետ վանք», 1913 (թարգմ. Ա. Տէր Մինասեան), France Armenie ամսաթերթ, յուլիս-օգոստոս 2013, էջ 53: ՀՅԴ երեք հիմնադիրներէն երկուքի` Ռոստոմի եւ Զաւարեանի ներկայութիւնը կ’ընդգծէ այս  հանդիպումին կարեւորութիւնը:
76.- 7-րդ Ընդհանուր ժողովը, առաջին անգամ ըլլալով, պիտի գումարուէր Երկիրէն ներս, Սուրբ Կարապետ վանքին մէջ: Սակայն անկանխատեսելի դժուարութիւններ ստիպեցին զայն փոխադրել Էրզրում` Կովկասէն ժամանող պատգամաւորներու տեղափոխութիւնը դիւրացնելու մտահոգութեամբ:
77.- Հ. Տասնապետեան, Histoire de la Fédération Révolutionnaire Arménienne Dachnaktsoutioun 1890-1924, Milano 1988, էջ 103. Փաստաթուղթեր (մէջբերուած թիւ 52-ով)  Ժ. հատոր, էջ 9-49: Շնորհակալութիւններ` խմբագիր Ե. Փամպուքեանին:
78.- Ազատամարտ, թիւ 1344, 1913:  Զաւարեան մաս կը կազմէր ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան, Քրիստափոր Միքայէլեանի (1859-1905) եւ Ստեփան Զօրեանի (1867-1919) կողքին:
79.- Նոյեմբեր 1912-ին կաթողիկոս Գէորգ Ե. Փարիզ կը գործուղէ Պօղոս Նուպար  փաշայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը` ապահովելու համար Եւրոպայի զօրակցութիւնը Հայաստանի բարենորոգումներուն գծով:
80.- Զաւէն արք. «Պատրիարքական յուշերս –  վաւերագիրներ եւ վկայութիւններ», Գահիրէ, 1947, էջ 30-31:
81.- W.J. van der Dussen, The question of Armenian reforms in 1913-1914, Armenian review 39/1, 1986, էջ 11-28:
82.- Յունուար 1913-ի պետական հարուածէն ի վեր:
83.- Թէոդիկ, «Ամէնուն տարեցոյցը», 1916-1919: Հայկական նշանաւոր տարեցոյցին մէկ բացառիկը, տպուած` 1919-ին, Կոստանդնուպոլիս, կը ներկայացնէ պատերազմի ընթացքին հայերու տեղահանութեան եւ ջարդերու առաջին հաշուեկշիռը: «Չտեղահանուած մեպիւսներ» խորագրեալ արձանագրութիւնը կը ներկայացնէ եօթը հայ մեպիւսներու (պատգամաւորներու) ցանկը, որոնք չեն տեղահանուած ապրիլ 1915-ին, նշելով, որ` «անոնք մեր պատրիարքարանին կողմէ նկատի չեն առնուած իբրեւ հայութեան անունէն խօսող պատգամաւորներ», սակայն «ինչ կը վերաբերի Մշոյ մեպիւս Գեղամ Տէր Կարապետեանին, ան միակ անձն է, որ հայութեան քուէներով ընտրուած ըլլալով հանդերձ, չէ աքսորուած, նկատի ունենալով անոր հիւծուած վիճակը», էջ 116:

Միսաք Թորլաքեան (1888-1968). Հայկական Նեմեսիսի անվեհեր բազուկը եւ Դաշնակցական ահաբեկիչի պայծառ դէմքը

$
0
0

Ն. Պ.

Հայ ժողովուրդի հերոսական ծնունդներու անմոռանալի փաղանգին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Միսաք Թորլաքեան, որուն մահուան տարելիցն է այսօր` Նոյեմբեր 12:

12 Նոյեմբեր 1968ին, Քալիֆորնիոյ մէջ, ութսուն տարեկան հասակին, առյաւէտ փակուեցան ցաւատանջ աչքերը Ազգային Հերոսին:

Ցաւատանջ աչքեր՝ որոնք մանուկ տարիքէն զարհուրանքով տեսած էին ե՛ւ Համիտեան կոտորածները, ե՛ւ 1915ին թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրը, ե՛ւ հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի վերապրած վերջին բեկորներուն դէմ թրքական բանակի 1918ի արշաւանքներուն ամէն ինչ հուրէ եւ սուրէ անցընելու ահաւոր վայրագութիւնը:

Ցաւատանջ աչքեր՝ որոնք նաեւ բոցավառ էին ընդվզումի, ցասումի ու վրէժի կայծերով եւ որոնք, նոյնիսկ Բագուի ջարդարար Պէյպուտ խան Ճիւանշիրի արդարահատոյց ահաբեկումը իրագործելէ ետք, մինչեւ մահ մշտարծարծ մնացին Միսաք Թորլաքեանի մօտ, որովհետեւ անճիտուած Ազգին եւ բռնագրաւեալ Հայրենիքին արդար հատուցման Մեծ Օրը չտեսան:

Վերջապէս ցաւատանջ աչքեր՝ որոնց իր հայրապետական օրհնութիւնը շնորհելու եւ յաւերժական հանգիստի արժանացնելու փութաց Ամենայն Հայոց երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. կաթողիկոսը, որ 1968ի այդ օրերուն հովուապետական իր առաջին շրջապտոյտը կը կատարէր Միացեալ Նահանգներու տարածքին:

Թէեւ պարզ զուգադիպութիւն էր, որ Վազգէն Առաջին վեհափառը այդ օրերուն կը գտնուէր Քալիֆորնիա, բայց ոչ մէկ պարագայի պատահական զուգադիպութեան արդիւնք էր Հայոց Հայրապետին որոշումը՝ այցելելու Ֆրեզնոյի այն հիւանդանոցը, ուր մահամերձ վիճակի մէջ բժշկական խնամքի տակ էր Հայկական Նեմեսիսի արժանաւոր դէմքն ու Դաշնակցական Վրիժառուի անվեհեր ուխտաւորը‘ Միսաք Թորլաքեանը:

Ընդհակառակն՝ այցի երթալով մահուան սնարին մէջ գտնուող Միսաք Թորլաքեանին ու անոր ճակտին դնելով հայրապետական իր աջը եւ Ազգային Հերոսի օրհնութիւն շնորհելով, Վազգէն Առաջին վեհափառը փաստօրէն պատմական նշանակութեամբ շրջադարձային անակնկալ մը մատուցեց ողջ հայ ժողովուրդին:
Մեծ Եղեռնի յիսնամեակով սկսած վերարժեւորումը հայոց ազգային–ազատագրական պայքարի պատմութեան ու գաղափարական աւանդին, այդպէ՛ս, Միսաք Թորլաքեանին շնորհուած Ազգային Հերոսի հայրապետական օրհնութեամբ, կարեւոր քայլ մը եւս նուաճեց Հայաստանի եւ Սփիւռքի գաղափարական մերձեցման ու ազգային միասնականութեան վերականգնման ուղղութեամբ:

Եւ այսօր, երբ Հայկական Նեմեսիսի արժանաւոր ներկայացուցիչին մահուան 44րդ տարելիցին առիթով, յատուկ կարեւորութեամբ ու շեշտադրումով, կը վերյիշենք Միսաք Թորլաքեանի Ազգային Հերոսի հայրապետական օրհնութեան արժանանալու այդ պատմական պահը, հպարտութեամբ կը համակէ մեզ բոլորս, որովհետեւ հակառակ մեր ժողովուրդը բաժնելու, մասնատելու եւ իրարու հակադրելու բոլոր դաւերուն, փորձերուն եւ հարուածներուն, ազգովին մեր մէջ գտանք անհրաժեշտ ուժը, որպէսզի անկորնչելի պահենք ու անդուլ վերանորոգենք մեզ միացնող ազգային–քաղաքական եւ բարոյական–գաղափարական հիմնական արժէքները:

Միսաք Թորլաքեան ծնած է 1888ին Կիւշանա (Տրապիզոնի շրջան): 8 տարեկան էր 1896ին, երբ Տրապիզոնի հայութեան դէմ սուլթան Համիտ շարժման մէջ դրաւ թուրք եւ քիւրտ խուժանը՝ հայ յեղափոխականները պատժելու պատրուակով հազարաւոր անզէն հայերու կոտորածը հրահանգելով: Մանուկ տարիքի ընդվզումը Թորլաքեանի մէջ յանգեցաւ ծառացումի եւ ըմբոստացման 1904ին, երբ Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան առիթով «Կարմիր Սուլթան»ը վերստին փորձեց արեան մէջ խեղդել ողջ Արեւմտահայաստանը: Քաջ ու խիզախ պատանին զինուորագրուեցաւ Տրապիզոնի հայ ապստամբ երիտասարդներու հրոսակախումբերուն, գիւղէ գիւղ շրջելով եւ անպաշտպան հայութեան տէր կանգնելով:

1908ի Օսմանեան Սահմանադրութենէն եւ հայերու բանակ մուտքի արտօնութենէն ետք, Թորլաքեան կարճ ժամանակով զինուորական ծառայութեան մէջ մտաւ, բայց տեսնելով իթթիհատական իշխանութեան կողմէ շարունակուող հայատեաց խտրականութիւնն ու իրաւազրկումները՝ հեռացաւ բանակէն, միացաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ, Ռոստոմի անմիջական ղեկավարութեան տակ ծաւալած ինքնապաշտպանութեան աշխատանքներուն մասնակից դառնալով, լծուեցաւ Տրապիզոնի եւ Կովկասի միջեւ զէնքի փոխադրութեան ու թրքական անօրինութիւնները զինու զօրութեամբ սանձելու գործին:

1915ին, Թորլաքեան միացաւ Հայ Կամաւորական Շարժումին եւ եղաւ առաջիններէն, որոնք ռուսական զօրքին հետ Արեւմտահայաստան մուտք գործեցին եւ անմիջապէս լծուեցան թրքական ցեղասպանութենէն վերապրող հայութիւնը հաւաքելու, պատսպարելու եւ պաշտպանելու փրկարար աշխատանքին: Եւ երբ Լենինեան յեղաշրջման հետեւանքով ռուսական զօրքերը արագօրէն լքեցին ռազմաճակատները եւ «տուն» շտապեցին, Թորլաքեան իր մասնակցութիւնը բերաւ վերապրող արեւմտահայութիւնը թրքական զօրքի ներխուժման դէմ պաշտպանելու եւ անոր կազմակերպ նահանջը ապահովելու 1918ի առաջին ամիսներու կռիւներուն – յատկապէս Կարսի ճակատին վրայ: Այնուհետեւ, երբ արդէն նահանջի ճանապարհ չկար եւ ողջ հայութիւնը մէկ մարդու պէս ծառացաւ ցեղասպանական իր ծրագիրը ամբողջացնելու եկող թրքական բանակին դէմ, Թորլաքեան Պաշ Աբարանի ճակատին վրայ կռուեցաւ Դրոյի յաղթական գունդին մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին Թորլաքեան նուիրուեցաւ արեւմտահայ գաղթականութեան պատսպարման աշխատանքներուն: 1919ին Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ 9րդ Ընդհանուր Ժողովին կողմէ թուրք ջարդարարները պատժելու Նեմեսիս Գործողութեան որդեգրումէն ետք, Թորլաքեան կուսացական որոշումով 1920ին անցաւ Պոլիս: Լծուեցաւ կազմակերպական աշխատանքներու՝ յատկապէս ՀՅԴ մարտական կառոյցի վերակենդանացումին:

Այդ շրջանին էր, 1921ին, որ Նեմսիս Գործողութեան Պատասխանատու Մարմնին կողմէ Թորլաքեանին յանձնարարուեցաւ ահաբեկումը Պէյպուտ խան Ճիւանշիրի, որ մուսաւաթական Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարը եղած էր, իր այդ դիրքէն 1918ին Բագուի հայ-թաթարական ընդհարումներու ժամանակ անզէն հայութեան կոտորածը կազմակերպած էր, իսկ Ատրպէյճանի խորհրդայնացումէն ետք հաստատուած էր Պոլիս:

Ճիւանշիրի ահաբեկումին կազմակերպումն ու գործադրութիւնը վստահուած էր եռանդամ խմբակի մը՝ Միսաք Թորլաքեան, Երուանդ Ֆնտքեան եւ Յարութիւն Յարութիւնեան:

Թորլաքեան Ճիւանշիրի ահաբեկման դաշնակցական որոշումը գործադրեց 18 Յուլիս 1921ին, օր ցերեկով Պոլսոյ մէջ գետին փռելով Պաքուի արիւնարբու հրէշը: Ահաբեկման ականատես ֆրանսացի զինուորներ յարձակեցան Թորլաքեանի վրայ եւ, ծեծի տակ ձերբակալելով զինք, յանձնեցին Պոլսոյ մէջ Դաշնակից Ուժերու ներկայացուցիչ անգլիական հոգատար իշխանութեան:

Անգլիական զինուորական դատարան մը կազմուեցաւ: Թորլաքեանի դատին պաշտպանութիւնը կատարեց Խոսրով Ներսէսեան, որ կուռ եւ հիմնաւոր փաստարկումներով դատարանին առջեւ մերկացուց Ճիւանշիրի ծանրագոյն յանցագործութիւնը: Դատարանը թէեւ յանցանք նկատեց գործուած ահաբեկչութիւնը, բայց արդարացուց Թորլաքեանը՝ նկատի ունենալով անոր հոգեկան եւ մտային հաւասարակշռութեան հասցուած հարուածը Ճիւանշիրի կողմէ:

Միսաք Թորլաքեան անպարտ արձակուեցաւ 22 Նոյեմբերին, անցաւ Յունաստան եւ հոնկէ ալ Ռումանիա, ուր մինչեւ 1952 թուականը մնայուն բնակութիւն հաստատեց եւ գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ Դաշնակցութեան Պալքանեան կազմակերպութեան կեանքին մէջ:

Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին, Գարեգին Նժդեհի եւ Դրոյի կողքին, Թորլաքեան կարեւոր ներդրում ունեցաւ Պալքաններու հայութեան անվտանգութիւնը ա-պահովելու դժուարին գործին մէջ: Իսկ Աշխարհամարտի աւարտին, Թորլաքեան պատասխանատու մասնակցութիւն բերաւ Դրոյի նախաձեռնած հայ ռազմագերիները փրկելու աշխատանքներուն:

1952ին Թորլաքեան անցաւ Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուեցաւ Քալիֆորնիա, ուր կուսակցական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց մինչեւ իր վերջին տարիները, երբ հիւանդութիւնը անկողնին գամեց անխոնջ մարտիկին:

Ութսուն տարի ապրեցաւ Հայկական Նեմեսիսի արժանաւոր դէմքն ու Դաշնակցական Վրիժառուի անվեհեր ուխտաւորը, որուն կտակը եղաւ՝ «Անհրաժեշտ է ճանչնալ թուրքի հոգին, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ բացատրել մարդկութեան պատմութեան մէջ աննախադէպ արիւնոտ իրադարձութիւնը՝ հայերու 1915ի ցեղասպանութիւնը»:

 

Viewing all 12135 articles
Browse latest View live