Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12094 articles
Browse latest View live

Արդարը, Ճշմարտութիւնը Եւ Սէրը Երազ Են` Առանց Յեղափոխուելու Կամքով Արարման

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Տարբերութիւնը մեր ըրածին եւ ընելու կարողութեան միջեւ
պիտի բաւէր աշխարհի հարցերուն մեծ մասը լուծելու:
ՄԱՀԱԹՄԱ ԿԱՆՏԻ

Ազգերը չեն ապրիր առանց երազի: Պատմութիւնը աներազ ազգերու դամբարան է:

Երազները չեն իրականանար հրաշքով, որ գիտակցական աստեղային պահու մը յանձնառութիւն է` անհատի եւ հաւաքականութեան յեղափոխուելու կամքով:

Ինչ կը վերաբերի մեր ներկային, մեր ուղեղը քերելով` կրնանք լաւատեսութեան բազմաթիւ փաստեր բերել եւ ընել հակառակը` կեր հայթայթելու համար յոռետեսութեան: Այդ (չ)արուեստին վարպետները հին Յունաստանի մէջ կը կոչուէին սոփեստ (sophiste), հայերէն կ’ըսենք` իմաստակ:

Եթէ կարելի ըլլար, կարծիքներ յայտնելէ եւ ճառեր խօսելէ առաջ թաղի սրճարանին կամ մեծանուն ժողովներու մէջ, շողանկարը (radioscopie) ընել հայկական իրականութեան, Հայաստանի եւ սփիւռքներու, լաւատեսութիւնները եւ յոռետեսութիւնները կը փոխարինէինք իրատեսութեամբ, որ յեղափոխելու եւ յեղափոխուելու առաջին քայլն է:

Ճշմարիտ երազները կ’իմաստաւորուին իրատեսութեան աւազանին մէջ:

Իրատեսութիւնը իմաստութեան եւ ապագայակերտ ըլլալու միտող քաղաքականութեան նախապայմանն է, խոստումներու բառակոյտով չի սահմանափակուիր: Ան հականիշն է ենթակայական, կողմնապաշտական, շահախնդրական, փառասիրական եւ այդ բոլորին հասարակ յայտարարը հանդիսացող եսապաշտութիւններու:

Կը դիտե՞նք աշխարհը, ուր ղեկավարութիւնները կը շնչեն ընտրութիւններու գոռում-գոչիւնով: Հազիւ քուէատուփերը փակուած, մեծ ու պզտիկ կը մտածեն յաջորդ ընտրութեան մասին` մրցադաշտի վրայ մնալով, քննադատութիւններով: Այս լարումը չի բացատրուիր ժողովուրդին ծառայելու ցանկութեամբ, այլ` սեփական եսով ու փառասիրութեամբ:

Այն վայրկեանէն սկսեալ, երբ կը յաջողինք մեր ժամանակը, աշխարհը, մեր ընկերութիւնը եւ մենք մեզ դիտել ենթահաշիւներով չառաջնորդուող շողանկարի տուեալներով, մեր գնահատումները եւ նախաձեռնութիւնները կը սկսին ունենալ տարբեր որակ, յառաջ երթալու համար կը վերականգնին ինքնավստահութիւնը եւ վստահութիւնը` ղեկավարումի նկատմամբ: Ղեկավարումի` եւ ոչ ղեկավարներու:

Այս մօտեցումը անհրաժեշտ է համայն աշխարհի համար: Նաեւ` մեր ժողովուրդին համար, որ Հայաստանի բեկորի վերանկախացումէն ետք կանգնած է ազգային վերականգնումի դժուար խնդիրին առջեւ, երբ նկատի կ’ունենանք մեր ազգին նկատմամբ երէկ գործուած եւ այսօր շարունակուող բազմատեսակ նախայարձակումները (ոչ միայն ջարդով)` հողային, համրանքի, մշակութային, տնտեսական:

Վերականգնումի բարդ խնդիր, երբ աշխարհի կարգը հետզհետէ աւելի անհատապաշտական կը դառնայ դրամի համայնակուլ կայսերապաշտութեան աւազանին (կամ ճահիճին) մէջ, ուր Հոպզի «Մարդը մարդուն գայլն է» ասութիւնը աւելի քան կանոն է, այսօր աւելի քան երէկ, հակառակ ճառերու եւ հակառակի փաստերու, կամ մեր եւ բնութեան կողմէ յառաջացած աղէտներու համար գումարուած ամպագորգոռ ժողովներու:

Իրատես ըլլալու համար եթէ հետեւինք մամուլի տեղեկատուութիւններուն, պիտի իմանանք, որ աշխարհի միլիառատէրերու թիւը տեւաբար կ’աճի, չենք խօսիր միլիոնատէրերու մասին, որոնք ընթացիկ դարձած են: Այդ անհաշուելի գումարները կը դիզուին ուրիշի եւ ոչ սեփական քրտինքով: Երբ իրենց օրապահիկը ապահովելու համար խեղճուկ նաւերով ձկնորսներ կան, անդին զբօսաշրջային նաւահանգիստներու մէջ շարուած կը տեսնենք անհաշիւ եւ միլիոնաւոր տոլարներ արժող պերճանաւեր:

Նուազագոյն ողջմտութիւն ունեցող քաղաքացին պիտի ուղղէ իրատեսական պարզ հարցումը. ինչո՞ւ կը գումարուին լրատուամիջոցներուն կեր հայթայթող մեծամեծ ժողովները, որոնք իրենց կարգին կ’արժեն մեծ գումարներ` վճարուած համեստներու տուրքերով: Այդ տիղմին վրայ կը տեւեն անարդարութիւնները, անհաւասարութիւնները, պատերազմները: Այս բաղդատական մտորումները կարելի է շարունակել` կողք-կողքի դնելով խրճիթներու եւ ապարանքներու պատկերները, մենաշնորհեալներու եւ համեստներու զաւակներուն յաճախած դպրոցները, պերճանքի արտաքին բոլոր արտայայտութիւնները:

Այսքան իրատեսութիւն եթէ ունենանք, կը հասկնանք համաշխարհայնացման աղէտին մէջ ժողովուրդներու տեղաշարժը, անզսպելի հեղեղային գաղթականութիւնները, իրենց բնական միջավայրէն անջատուող, արմատախիլ եղող, որոնք նաեւ կ’ապակայունացնեն երկիրներ,  որ կը նշանակէ` աշխարհը, հող պատրաստելով վաղուան մեծ բախումներու:

Արդարութեան, ճշմարտութեան եւ սիրոյ մասին կը խօսին եւ անոնց ուղղութեամբ կը գործեն արտակարգ անհատներ` ընկերութեան եւ քաղաքակրթութեան ընդունուած արժէքային համակարգէն դուրս, բացառութիւններ: Անոնք սրբացուած Մայր Թերեզաներն, որոնք ոչինչ կրնան փոխել ընկերութեան բացասականութենէն, իսկ հզօր երկիրները եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը չեն ղեկավարուիր Մայր Թերեզաներով:

Ի՞նչ կ’ըսէ իրատեսութիւնը` դիտելով այս բաղդատական պատկերը: Ի՞նչ է իւրաքանչիւրին պատասխանատուութիւնը, ինչ որ ալ ըլլան անոր ազգութիւնը, լեզուն, մշակոյթը, մորթին գոյնը: Երբ չեն ստանձնուիր պատասխանատուութիւնները, կը դառնանք մեղսակից: Այս պարագային մեղսակից` մեր անհատական աւերին, ընտանեկան, ազգային, համամարդկային: Չարագործը պէտք է փնտռենք նախ մեր մէջ, մեր ընչաքաղցութեան, փառասիրութեան, եսին մէջ, երբ անկարող դարձած ենք լսելու ֆրանսացի իմաստասէրին բանաձեւումով համամարդկային բարոյականութեան սահմանումը, որ` «ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է», մտածելով խեղճ ձկնորսի նաւակին եւ անաշխատ գումարով ստացուած պերճանաւին մասին: Ինչո՞ւ չարը եւ թշնամին փնտռել մեզմէ դուրս:

Եթէ միայն ունենայինք հոգեկան բաւարար ուժ իրապէս իրատես ըլլալու եւ մենք մեզ տեսնէինք խլեակի նմանող նաւակ ունեցող ձկնորսին կամ զաւակներու տէր գործազուրկին տեղ, Մայր Թերեզա չէինք ըլլար թերեւս, բայց կը հասկնայինք իրաւ մարդկային արժէքը դրամատուներու մէջ քնացող եւ տեւաբար զերոներով ճոխացող մեր ուժին մասին վկայող գումարներու:

Եթէ ունենայինք մարդկայնօրէն յեղափոխուելու հոգեկան ուժ, կեանքը կ’իմաստաւորէինք, ընկերութիւնը կը դառնար աւելի արդար, ճշմարտութիւնը կը դադրէր կեղծիքի շպար ըլլալէ, եւ մեր սէրերը հասցէ կը փոխէին, մակերեսայինէն եւ ժամանակաւորէն կը դառնային դէպի հասարակաց արժէքները, այն առաքինութիւնը, զոր յիշեցի, որ` «ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»: Եթէ ունենայինք բաւարար հոգեկան ուժ մենք մեզ եւ ուրիշները այս գիտակցութեամբ դատելու, իսկական յեղափոխելու եւ յեղափոխուելու լուսաւոր ճամբուն մէջ կ’ընդգրկուէինք:

Այս երազապաշտական-իրապաշտական մտորումները ունենալով հանդերձ ընդհանուր բնոյթ, կը վերաբերին նաեւ մեր ժողովուրդին, որ իր պատմութեան ընթացքին կրած բազմաթիւ հարուածներուն եւ դժբախտութիւններուն պատճառով որդեգրուած է «ով կրնայ իր գլուխը թող փրկէ»-ի գործնապաշտութեան մէջ, Հայաստան եւ սփիւռքներ, հակառակ «էսթեպլիշմընթ»-ներու, բազմաթիւ եւ նոյն, Հայաստան եւ սփիւռքներ, հոգեպարար խօսքերուն:

Իրատես պէտք է ըլլալ: Օտարներու կողմէ իրաւազրկուած ենք: Բայց նաեւ զարգացուցած ենք ներքին իրաւազրկումներ եւ անհաւասարութիւններ, միջազգայինի զուգահեռ` հաստատելով ներհայկական «դրամի կայսերապաշտութիւնը» իր բոլոր հետեւանքներով եւ բացասականութիւններով:

Եթէ մարդկային եւ ազգային տեսիլք ունենայինք, սփիւռքի հայերու յաջողութիւնը կը ծառայեցնէինք նաեւ համեստներու բարօրութեան` ստեղծելով համապատասխան կառոյցները, ոչ միայն ողորմութեան նմանող նպաստներով: Անցեալին անոնց պատկերը «պնակ մը կերակուր» էր, այսօր կարգ մը վայրերու մէջ «ժողովրդական կոչուած բնակարաններ»:

Դպրոցները կը վկայեն դասակարգային տարբերութիւններու մասին` հասնելով յաճախ նաեւ հոն, ուր հայ տղան կամ աղջիկը, «դրամի պատճառով», ափ կ’առնէ օտար վարժարաններու դուռը: Այդ կ’ընեն նաեւ քաղքենիներ` յաջողութեան եւ երեւելիութեան պատճառով, տրամագծօրէն հակառակ ցանկութիւններով:

Հայ դրամատէրը յաճախ կը շահագործէ կարիքաւոր հայը, ինչ որ կ’անդրադառնայ ընտանեկան բարքերուն, հայկական միջավայրէ խզումներու: Սփիւռքներու հայապատկան դրամագլուխը եթէ մասամբ ներդրուի հայկական համայնքներու կեանքին մէջ, ոչ միայն անուն յաւերժացնելու համար, այլ մարդոց կեանքի բարելաւման` հայկական ընկերութիւնը որակ եւ հզօրութիւն կը նուաճէ:

Համեստ ընտանիքի զաւակը երբ կը դիմէ օտար դպրոց, կամ պարզապէս կը մնայ անուս, այդ հետեւանք է հայկական վերնախաւի եսասիրութեան, անպատասխանատւութեան: Ինչո՞ւ այս բարձրաձայն չ’ըսուիր, եւ ղեկավարութիւնները կը գոհանան թերեւս մեծագումար նուիրատուութիւններով, թէեւ անոնք կը մնան բարեսիրութեան սահմաններուն մէջ: Բարեսիրութեամբ ազգային, մշակութային եւ պետական վերականգնում տեղի չ’ունենար: Վերականգնումը կ’ենթադրէ այլ որակ եւ ծաւալ:

Ինչո՞ւ ուսումնասիրութիւն մը չի կատարուիր հայածնունդ մարդոց անունով գոյութիւն ունեցող հիմնադրամներու մասին, որոնք կը ծառայեն ոչ հայերու եւ ոչ հայկական նպատակներու` հայոց բաժին հանելով տոկոսային փշրանքներ: Այդ հիմնադրամները, Եւրոպա եւ Ամերիկաներ, Հայաստանի եւ սփիւռքներու հզօրացման, վերականգնումին եւ որակին կրնային նպաստել: Բայց, ինչպէս ըսի, փշրանքներ միայն բաժին կ’ըլլան հայերուն ընդհանրապէս: Հասցէները լուսանկարի պէտք չունին:

Մեզ յուզող եւ խանդավառող վերանկախացած Հայաստանը եթէ միայն դիտենք հեռանալով Երեւանի Հիւսիսային պողոտայէն, երթանք քարընկէց մը հեռու Երեւանի անմիջական դրացնութեամբ բնակավայրերը, Արարատեան դաշտի գիւղերը եւ աւանները, պիտի տեսնենք մերկ իրականութիւնը: Կարծէք` այդ բնակավայրերը տարիներ տեւած ռմբակոծումներու աւերակներ ըլլան: Ինչո՞ւ յուզուած զբօսաշրջիկները տեսարժան վայրեր առաջնորդող ընկերութիւններու ցանկին վրայ չեն հայրենիքի այդ մասերը նաեւ: Ոչ միայն Տաթեւը, այլ նաեւ` Չարբախը: Այդ ճիգը կ’ըլլայ իրաւ հայրենասիրութիւն, որպէսզի լուսաբանուինք իրականութիւններու պատկերով եւ ապա նախաձեռնենք:

Հերոսական դրուագներու մասին նկարահանումները օգտակար են, կը գօտեպնդեն: Բայց անտեսուած թշուառ շրջաններու մասին խօսիլը դրական կ’ըլլայ, արթնութեան սկիզբ, ներդրումներու եւ զարգացումներու, որպէսզի ունենանք բնակուած հայրենիք, ինչպէս յաճախ կը կրկնեմ, հետեւելով հայ գրողի խօսքին` «մի քաղաքով ի՛նչ երկիր» (Վիգէն Խեչումեան, «Գիրք լինելութեան»):

Այդ աւերակ դարձած շրջաններու բնակիչները երբ զրկուած կ’ըլլան նուազագոյնէն, մանաւանդ` տեսնելէ ետք Երեւանի ճոխութիւնները, իրենց հայեացքը կ’ուղղեն երկրէն դուրս` աւելի լաւ կեանքի մը յոյսով: Այդ շրջաններուն մէջ կան լքուած գործարաններ, նոր ժամանակներու հնութիւններ, որոնցմով չեն զբաղիր հնախոյզները: Հայաստանի մէջ կան տնտեսապէս յաջողած մարդիկ, որոնք ի վիճակի են բանեցնելու այդ գործարանները` տեղական արտադրութեամբ փոխարինելով անմիջական շահ ապահովող ներածումները, ստեղծելով աշխատատեղեր, այն պարզ գործնապաշտութեամբ, որ բարեկեցութիւնը արգելք կ’ըլլայ արտագաղթի, եւ հարստութիւնը կը մնայ երկրին մէջ, կը դառնայ հզօրացման ազդակ: Հզօրացում, որուն ականջալուր ենք հեռատեսիլէն եւ բարձրախօսներէն:

Պարզ պէտք է ըլլայ, որ արտաքին եւ ներքին ներդրումները պէտք է դադրին զբօսաշրջային եւ ցուցադրական ըլլալէ, այլ ունենան համազգային վերականգնումի որակ: Կար ժամանակ, երբ Հայաստանը հիւսուածեղէնի եւ կաշեգործութեան հզօրութիւն էր Խորհրդային Միութեան մակարդակով, միջազգային հռչակ ունէր իր գիտական կեդրոններով:  Մէկ հատիկ պատճառ պէտք է տալ չվերականգնելու համար այդ հզօրութիւնը եւ բաւարարուելու հիւրանոցներով եւ աչքի խտիղ պատճառող ճաշարաններով, սրճարաններով եւ խաղատուներով:

Յաճախ կ’իմանանք Հայաստանի «օլիկարխ»-ներու մասին, որոնց ոչինչ արտադրող գեղատեսիլ ապարանքները կը տեսնենք: Եթէ անոնք համախոհութեան հրաշք պահու մը վերականգնէին գործարանները, ստեղծէին նորերը` զարգացնելով Հայաստանի բոլոր շրջանները, իրենք կատարած կ’ըլլային հայրենապաշտպան եւ հայրենակերտման իսկական գործ, նոյնքան կարեւոր, որքան` բանակը, քանի որ հզօրացած կ’ըլլար թիկունքը:

Սպառողական ընկերութեան բարիքներէն օգտուելու կիրքը կրնա՞նք փոխարինել, կամ վերաորակման ենթարկել, հոգեպէս յեղափոխուելով, որպէսզի յեղափոխուի երկիրը անհատականի գերանցումով:

Հաւանօրէն պէտք է կրկնել, որ «յեղափոխել-յեղափոխուիլ» կը յաջողի անձին օրինակով հեղինակութիւն ունեցող առաջնորդներով: Այս ըմբռնումով եթէ խօսինք լաւատեսութեան եւ յոռետեսութեան մասին, մեր ազգային-քաղաքական ըմբռնումները ոստում կը կատարեն, օղակ կը փոխեն:

Սփիւռքը կը դադրի ըլլալէ յուզուող հայրենասէրներու ակումբ, կը կազմակերպէ հայրենադարձութիւն, Հայաստանը չ’ըլլար սոսկ զբօսաշրջային հասցէ կամ բացիկ, կը դառնայ հայաբնակ հայրենիք համայն հայոց:

Ոչ միայն Մայր Թերեզա, այլ նաեւ եւ մանաւանդ` Մահաթմա Կանտի կամ Շարլ տը Կոլ:

15 սեպտեմբեր 2016, Երեւան

 


Ուրախ Եմ Տեղեկացնելու, Որ Ազրպէյճանցի Պաշտօնեաները Կը Հետեւին Խորհուրդներուս

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

2013 օգոստոսին յօդուած մը գրած էի` «Արցախ այցելողներու Պաքուի սեւ ցուցակը օգտակար է Հայաստանին, վնասակար` Ազրպէյճանին» վերնագիրով` լուսաբանելով ազրպէյճանցի պաշտօնեաներու տխմարութիւնը` սեւ ցուցակի մէջ ընդգրկելու համար մարդոց, որոնք առանց Ազրպէյճանի թոյլտուութեան կ՛այցելեն Արցախ: Ընդգծած էի, որ աշխարհի տարբեր երկիրներէ Արցախ այցելողները սեւ ցուցակին մէջ ներառելը առաջին հերթին վնաս կը հասցնէ Ազրպէյճանի շահերուն, քանի որ սեւ ցուցակը կը մեկուսացնէ Ազրպէյճանը մնացած աշխարհէն…: Փաստօրէն, որքան սեւ ցուցակի մէջ շատ ըլլայ թիւը մարդոց, որոնցմէ շատեր յայտնի անձեր եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ են, այնքան աւելի Ազրպէյճան ինքզինք կը զրկէ նման կարեւոր այցելուներէ:

2013 թուականի յօդուածիս մէջ մէջբերելէ ետք, քանի մը յայտնի անձերու անուններ, որոնք ծաղրած էին Ազրպէյճանի կողմէ սեւ ցուցակի մէջ ընդգրկուած ըլլալու փաստը, առաջարկեցի, որ անունս ալ աւելցնեն սեւ ցուցակին մէջ, քանի որ ես նոյնպէս գացած էի Արցախ եւ յօդուած գրած` այդ այցելութեանս մասին: Զարմանալիօրէն, առաջարկէս կարճ ժամանակ անց, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը անունս աւելցուց սեւ ցուցակին մէջ` «Յարութ Սասունեան, հայազգի, սուրիացի-ամերիկացի լրագրող»: Ատկէ ետք, ես դարձեալ այցելեցի Արցախ…

Պէտք է աւելցնեմ, որ տարիներ առաջ, երբ հայր Ալիեւը Ազրպէյճանի նախագահն էր, միջնորդներու միջոցով ան զիս հրաւիրած էր Պաքու` տեսակցելու հետը եւ քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը: Ես, ի հարկէ, մերժեցի անոր հրաւէրը: Ես նոյնիսկ հրաժարեցայ նախագահ Հայտար Ալիեւի առաջարկէն` տեսակցիլ հետը որեւէ երրորդ երկրի մը մէջ, օրինակ` Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, եթէ չեմ ուզեր երթալ Ազրպէյճան: Ես մերժեցի նաեւ այդ առաջարկը: Այնպէս որ, հիմա, երբ յայտնուած եմ սեւ ցուցակի մէջ, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր երկրի նախագահը զրկած է` զիս Պաքու հրաւիրելու կարելիութենէն…

Ազրպէյճանի սեւ ցուցակին մէջ աւելի քան 700 անուն կայ, ներառեալ` խորհրդարանի անդամներ, գործարարներ, լրագրողներ, դերասաններ, ընտրուած պաշտօնեաներ եւ այլ յայտնի անձեր: Արցախի վերջին այցելուն, որ կը յայտնուի սեւ ցուցակի մէջ` Էնթընի Պուրտէնն է, «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի ընկերութեան աշխարհահռչակ խոհարարական հաղորդաշարի հաղորդավարն է: Անցեալ շաբաթ ան մեկնեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախ` երկու երկիրներու հայկական խոհանոցի վերաբերեալ հեռատեսիլային ծրագիրներ պատրաստելու նպատակով, եւ Ազրպէյճան զայն անմիջապէս «փերսոնա նոն կրատա» (անբաղձալի անձ) հռչակեց…

Պուրտէնի անունը աւելցուած է սեւ ցուցակին` «Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան հանդէպ իր անյարգալից վերաբերմունքի համար», յայտնած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Հիքմէթ Հաճիեւ` «Ֆրանս փրես» գործակալութեան:

«Ազրպէյճանի գրաւեալ տարածքներուն մէջ խոհարարական հաղորդաշար նկարահանելը վիրաւորանք է մէկ միլիոն ազրպէյճանցի գաղթականներուն, որոնց բռնի տեղահանած են իրենց տուներէն», աւելցուցած է Հաճիեւ: Անիմաստ խօսքեր են: Միակ բանը, որուն ազրպէյճանցի պաշտօնեաները հասան` Պուրտէնի այցի կանխումն էր Ազրպէյճան եւ ազրպէյճանական խոհանոցին մասին «Սի.Էն.Էն.»-ի հաղորդաշարի կազմակերպումը, որ մեծ ծանուցում կ՛ըլլար երկրին համար:

Ազրպէյճանի սեւ ցուցակը ունի շարք մը թերութիւններ.

1) Մինչեւ այսօր 700 անուն ներառուած է սեւ ցուցակին մէջ, մինչդեռ տարիներ շարունակ աշխարհի տարբեր երկիրներէ հարիւր հազարաւոր զբօսաշրջիկներ  այցելած են Արցախ: Թէեւ Արցախի բոլոր այցելուներուն անունները հանրութեան յայտնի չեն, սակայն, ի հարկէ, անոնք 700-էն աւելի կը հաշուեն: Կը պարզուի, թէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ մէկը քնացած է իր աշխատավայրին մէջ:

2) Ինչո՞ւ սեւ ցուցակի մէջ ընդգրկուած 700 անուններուն մէջ չկայ Հայաստանի Հանրապետութեան նոյնիսկ մէկ քաղաքացի: Թէեւ Ազրպէյճանի պաշտօնեաներուն յայտնի չեն Հայաստանէն սովորական այցելուներու անունները, անոնք, անշուշտ, գիտեն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, վարչապետը եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ յաճախակի կ՛այցելեն Արցախ եւ անոնց այցերը հրապարակային են: Կրնա՞յ ըլլալ արդեօք, որ Ազրպէյճան օտարերկրացի չի սեպեր Արցախ այցելող Հայաստանի քաղաքացիները: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջը կը խոստովանի, որ «Լեռնային Ղարաբաղը ժամանակաւորապէս դուրս մնացած է Ազրպէյճանի Հանրապետութեան վերահսկողութենէն»: Կրնա՞յ ըլլալ, որ Ազրպէյճան, ներկայիս, մշտապէս «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան վերահսկողութենէն դուրս մնացած» կը համարէ Արցախը:

3) Սեւ ցուցակին մէջ ընդգրկուածներէն շատ քիչերը դժգոհած են, որ իրենք չեն կրնար այցելել Ազրպէյճան: Ընդհակառակը, անոնցմէ շատեր կը հպարտանան, որ իրենց անունները յայտնուած են Ազրպէյճանի սեւ ցուցակին մէջ: Նոյնիսկ, աւելի ապշեցուցիչ է, երբ որոշ մարդիկ, Արցախ այցելելէ ետք, իրենց անունները չգտնելով սեւ ցուցակին մէջ` խնդրած են, որ իրենց անունները աւելցուին սեւ ցուցակին, քանի որ իրենք, անձնապէս, մեծ պատիւ կը համարեն այդ ցուցակին մէջ ըլլալը:

Վերջին ամիսներուն իրավիճակը աւելի սրելով` Ազրպէյճան պահանջած է այլ երկիրներէ` Պաքուին յանձնել իրենց այն քաղաքացիները, որոնք Արցախ այցելած են: Ծանօթ պարագայ մըն է այն, որ Պիելոռուսիոյ լրագրող մը անամօթաբար կալանաւորեցին եւ ուղարկեցին Ազրպէյճան, ուր զայն քանի մը ամիս բանտարկեցին: Ան վերջապէս ազատ արձակուեցաւ` Ազրպէյճանի վրայ ի գործ դրուած միջազգային ճնշումներէ եւ արարքը Եւրոխորհուրդի կողմէ դատապարտուելէ ետք:

Ասիկա իշխանութեան չարաշահում է, ազրպէյճանական ճնշումներու արտահանում եւ ահաբեկում` երրորդ երկիրներու նկատմամբ, որոնք պէտք է ամչնան ազրպէյճանական բռնապետական վարչակարգին հետ համագործակցելու իրողութենէն:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Կամուրջներ

$
0
0

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ

Հալէպէն դուրս, կամաց-կամաց, ամէն օր սկսաւ մեր մէջ սուզուիլ այն ուշացած գիտակցութիւնը, որ մեր գաղութը էր եւ կը շարունակէ մնալ սփիւռքի ամէնէն կազմակերպուած, ամէնէն աւելի ոգի ունեցող գաղութը` ոչ միայն երկրին խաղաղ օրերուն, այլ նաեւ, թերեւս զարմանալիօրէն, պատերազմի ընթացքին:

Այս խօսքերը կ’ըսեմ, որովհետեւ պատերազմի առաջին երեք տարիներուն ես ալ  շարունակեցի ապրիլ եւ աշխատիլ Հալէպի մէջ:

Երբեք չէինք մտածեր «դուրս»-ին կամ «ներս»-ին մասին. մե՛ր քաղաքն էր, գրեթէ հայրենիք էր մեզի համար իր մթնոլորտով, իր ջամբած ոգիով, ապրեցնելու իր թափով:

«Դուրս»-ն էր հաւանաբար, որ «ներս»-ին մասին մտածել տուաւ:

«Դուրս»-ը ըլլալուն դրական գլխաւոր երեւոյթը այն է, որ կ’անդրադառնաս ունեցածիդ արժէքին. այդ անդրադարձին հետ կու գան գիտակցութիւնը եւ ունեցածդ գնահատելու հրամայականը: Չափազանցօրէն գնահատելու, որովհետեւ պատերազմական պայմաններու մէջ կարելի չէ հաւասարակշռութիւն փնտռել. ծայրայեղ պայմաններու մէջ պէտք է դրականը չափազանց կերպով գնահատել: Այլ կերպով կարելի չէ առօրեան ապրելու հաւասարակշռութիւն ստեղծել:

«Դուրս»-ը հայելիի պէս մեր եսը ցոյց տուաւ մեզի: Ըլլալով կատարելապաշտ` միշտ աւելին պահանջած եմ ինքզինքէս, շրջապատէս, գաղութէս: Ու յանկարծ տեսայ, որ իրաւունք չունիմ նման պահանջ դնելու, երբ գաղութը իր լաւագոյնը արդէն տուած էր եւ կը շարունակէր տալ:

Պատերազմը եւ անոր ընթացքին ամբողջ գաղութին կեցուածքը` իր մեծերէն մինչեւ յետին դպրոցականը, հաստատեց ա՛յն ներուժը, որ ունի հալէպահայ գաղութը: Աւելի՛ն. գաղութը ունի այնպիսի մարզուած նոր սերունդ մը, որ այսօր կը յուզէ եւ հպարտութեամբ կը լեցնէ զիս: Օրինակներ տալու կարիք չեմ զգար: Հալէպէն հասնող լուրերն ու նկարները կը հաստատեն ասիկա:

Իսկ անոնք, որոնք կրցան այպանել` ըսելով, որ «պատերազմին մէջ ինչպէ՞ս կարելի է հարսանիք, հանդէս կամ խրախճանք ընել», կարելի է ըսել` հալէպահայ գաղութը կեանքի եռանդով լեցուն է եւ այնքան իմաստուն դարձած է, որ կը հասկնայ, որ իւրաքանչիւր ապրուած օր կրնայ մեր իւրաքանչիւրին վերջին օրը ըլլալ: Հետեւաբար ոչ միայն ապրիլ, այլ` ապրիլ կազմակերպուած ձեւով, ապրիլ որպէս գաղութ, ապրիլ լաւագոյն ձեւով եւ լաւագոյնը տալով: Սփիւռքի այլ գաղութներ, խաղաղութեան մէջ իսկ, նման եռանդ եւ կազմակերպուածութիւն դժուար թէ ցուցաբերեն:

Հալէպը իւրայատուկ եղած է մի՛շտ իր ոգիով, մանաւանդ որ կրցած է այդ ոգին վառ պահել եւ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն` արդէն աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր: Պատերազմը չկրցաւ խախտել ատիկա, նսեմացնել հայ ոգիին ջահը: Այստեղ «հայ» եւ «ոգի» բառերը կը վերադառնան իրենց սկզբնական իմաստներուն, կը թօթափեն նախորդ տասնամեակներու «հնութիւնը» եւ նոր իմաստ կ’առնեն. կա՞յ այլ գաղութ, որ նման ըլլայ Հալէպի գաղութին` իր եկեղեցիներու,  դպրոցներու, երկրորդական վարժարաններու, ակումբներու, միութիւններու եւ այլ կառոյցներու թիւով, աշակերտութեան թիւով, ժողովուրդին եռանդով, երկրին եւ անոր ժողովուրդին հանդէպ ունեցած հաւատքով: Եւ այս բոլորը` պատերազմի ընթացքին աւելի յստակացած,  բիւրեղացած:

Հալէպահայը մի՛շտ սիրած է նաեւ հալէպցի արաբը, որ իւրայատուկ տեսակի մարդ էր` ազնիւ, հիւրասէր, բարի, եւ որ ամէնէն կարեւորն է` հայը գնահատող: Ափսո՜ս, որ այդ տեսակը գրեթէ ջնջուեցաւ քաղաքէն, եւ մարդու ա՛յդ տեսակին անհետացումը մեր կարեւոր կորուստներէն մէկն է` մարդկային զոհերէն ետք եւ նիւթական վնասներէն առաջ:

Տակաւին, Հալէպի նախկին խաղաղ կեանքն ու աշխատանքի առիթները կը ստիպեն, որ հալէպահայը կարօտով յիշէ իր օրերը եւ սպասէ անոնց վերադարձին:

Այս բոլորը նկատի առնելով է որ «ներս»-ն ու «դուրս»-ը կրնան նպաստել իրարու:

Շատեր վերադարձան, շատեր կը մտածեն վերադառնալ, շատեր պիտի չվերադառնա՛ն: Շատեր պիտի կարդան այս տողերը եւ կրկին այպանեն «լաւատեսութիւնը», որ կայ տողերուն մէջ, մոռցած, որ այսօրուան իրենց ապահովութիւնը եկած է երէկի իրենց քաղաքէն, իրենց գաղութէն:

Դժուար պիտի ըլլայ գալիքին մէջ երկխօսութիւն ստեղծել ո՛չ թէ «ներս»-ին եւ «դուրս»-ին միջեւ, այլ` դրսեցի դարձածներուն եւ տեղացի մնացածներուն միջեւ: Սակայն սպասելի է ասիկա եւ հասկնալի:

Ինչպէս մեր բոլոր գաղութները պատմութեան ընթացքին դիմագրաւած եւ յաղթահարած են բազմաթիւ դժուարութիւններ, Հալէպի գաղութը եւս կը կրէ իրեն բաժին ինկած այս մեծ ցաւը, կը կրէ գաղութին հանդէպ իր անսահման սիրով եւ «անսրբագրելի» լաւատեսութեամբ:

Գիտեմ, որ կարօտը «սրբագրեր» է բոլոր ժխտականները եւ պահեր միայն դրականը:

Այդ դրականին հանդէպ հաւատքով է, որ կը շարունակենք, դուրսը ըլլանք թէ ներսը:

 

 

Մոգականը

$
0
0

ԳէՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այսպէս ենք բոլորս ալ: Նոյն դպրոցէն շրջանաւարտ կամ թերաւարտ, երբ զանազան առիթներով իրարու հետ ենք, քով քովի ենք, կը խօսինք բարձրաձայն, կը խնդանք եւ իբրեւ նորութիւններ` անգիտակցաբար եւ ախորժակով նոյն հին պատմութիւնները կը կրկնենք նոյնքան բարձր, ու կարծես նոր աշխարհ մը բացուած ըլլար միայն մեզի համար:

Ու ինքնաբերաբար կը վերանանք: Կախարդական, նոյնքան ալ` անբացատրելի:

Հաւատացէ՛ք: Մեր ծննդավայրի փարոսը նկատուած ազգային Ճեմարանին համար եւ սիրոյն ամէն տեսակի կազմակերպուած հանդիսութիւն կամ ճաշկերոյթ մեզի համար նոյնն է: Մեր հոգը չէ` այդ երեկոյ սրահի բեմէն ինչե՜ր կ՛երգուին, կը նուագուին եւ կամ մեր սեղաններուն վրայ իբրեւ ուտելիք` ինչե՜ր հրամցուած են: Ուտել-խմելու եւ կամ պարելու չենք եկած: Այդ ժամերուն բոլորիս բերնէն միայն յուշերն են, որ պար բռնելով` կը թափին ու այս ձեւով կը տաքցնեն, կը զարդարեն հաւաքի մթնոլորտը, ու մենք անզգալաբար իրարմով կը ջերմանանք:

Կը հաւատամ, որ միայն մեր մօտ չէ, որ կը գտնուի նման տեսարան: Բայց որո՞ւ հոգը: Մենք եկած ենք կամովին, հինը ապրելու իրականութիւնը մեր միտքերուն մէջ, զիրար տեսնելու: Ու կը զգաս, որ այդ պահուն հոգիէդ բան մըն է, որ կը փոխուի:

Սակայն այդ օր, այդ պատմական օրը, այդպէս չեղաւ:

Միտքս պարզեմ: Մեր դպրոցի յոբելենական հրապարակային հանդիսութեան օրն էր, որուն դարձեալ ներկայ էինք բոլորով, երիտասարդ, տարիքոտ եւ տարեկից, մեզի համար սրահի ճակտին, փոքր բեմի մը չոր ու ճերմակ պատին վրայ ցուցադրեցին «վիտէօ» մը: Ահա՛ պատճառը…Ահա՛ մոգականը: Որովհետեւ, ցուցադրութէնէն ետք, երբ սրահի լոյսերը կրկին անգամ բացուեցան, կարծես ներկաները տարբեր համ եւ գոյն ստացած ըլլային: Մթնոլորտին մէջ կար բան մը, որ անուն չունէր, հակառակ անոր որ ներկայ էին նոյն դէմքերը, նոյն դպրոցը յաճախած անձերը` իրենց լայն ժպիտներով եւ կարօտի նայուածքներով: Թէեւ կար բոլորին իւրայատուկ եւ աննկարագրելի ջերմութիւնը, բայց «բան» մը փոխուած կ՛երեւէր: Սրահը հաստատ` կախարդուած էր: Չեմ գիտեր…Կարծես տարբեր «գոյն» եւ «ձեւ» ստացած ըլլայինք բոլորս ալ: Վստահաբա՛ր:

Աւելցնեմ, որ նախ այդ երիզը դիտեցինք լուռ ու երկար: Բաց աչքերով: Աչքեր, որոնք կամաց կամաց խոնաւցան եւ ինքնածին յուզումը գրաւեց մեր սրտերը: Տեսանք 70-ամեայ մեր վարժարանը` իր նախկին եւ նոր վիճակով: Թիթեղածածկ եւ քարաշէն դասարաններով, տասնամեակներ առաջ իր արիանոցի դիմագիծով եւ ապա իր քարակերտ տեսքով: Վերջը, պատերազմի հետեւանք, տեսանք իր ստացած ծանր վէրքերը, իր աւերակ ու ցաւալի «մարմինը», եւ ապա վերջին` զինք վերակենդանացնելու ճիգերն ու աշխատանքները: Այլ խօսքով, իր սաներուն ստեղծագործ ոգիին շնորհիւ` իր նոր ներկան: Ոգի մը, որ այդ երիտասարդներն ու պատանիները այս օրերուն կը շնչեն, կ՛ապրին եւ կը վերապրին: Օրինակելի, նոյնքան ալ` նախանձելի:

Տեսանք: Դիտեցինք եւ ապա վերջը…հիացանք եւ իրարմէ ծածուկ, անձայն եւ անաղմուկ մեր աչքերուն խոնաւութիւնը թաքցուցինք:

Ու այդ վերջն էր, որ մեզ բոլորս նետեց տարբեր աշխարհ, ուր միայն կային Հալէպն ու իր Ճեմարանը: Կարծէք` այդ պահուն հաւաքական յիշողութեան պայծառութիւնը շեշտուած ձեւով հրաշքի խորհուրդի նման յայտնուած էր: Բոլորս ալ գրեթէ նոյն յիշողութիւնը ունեցող մարդիկ էինք: Իսկ հիմա մեզի ի՞նչ պատահած էր: Կարծես` կրկին ծնունդ առած ըլլայինք: Երկիւղած եւ հպարտ:

Ճեմարանի վերանորոգման եւ վերականգնումի նկարներն ու տեսարանները մեզի, անկասկած, նոր շունչ տուած էին, եւ մեր միտքերուն` պայծառութիւն: Մտովի դարձեալ կը հաստատէինք, որ Ճեմարանը միշտ թարմ սերմեր ցանած էր իրերայաջորդ իր  սերունդներուն, միաժամանակ` հաւատք եւ հայութիւն ստեղծելով անոնց հոգիներէն ներս: Ու ահա վկան®: Ո՞վ կրնայ ուրանալ այս իրականութիւնը:

Տեսերիզը, ուրախ եւ տխուր նկարներով, հանդիսութիւններով, երգերով, պարերով եւ աղօթքով ու մանաւանդ պատշաճ  բացատրութիւններով պատրաստուած, մեզ կրկին տարած էր մեր ծննդավայրը: Գեղեցիկ եւ համապարփակ: Դրախտային: Բացայայտ էր ու հաստատ, որ հոն մարդոց մէջ կար անսակարկ հոգածութիւնն ու մանաւանդ ճիգը: Տեսանելի էր նաեւ անոնց քրտինքով աշխատանքը, մանաւանդ` աշակերտներու մէջ իրենց դպրոցը եւ դասարանները վերականգնելու շունչը: Ու այդ վայրկեանին մատղաշ երեւակայութիւնն ու կարօտն էին, որոնք հպարտութեամբ կը լեցնէին մեր սրտերը:

Կրկին անգամ նաւարկեցինք յիշողութեան գետին վրայ ու այդ ալեկոծ ալիքներու մէջէն փորձեցինք գտնել, դուրս բերել, մեր կամքով իսկ, հին ու նոր դէմքեր, դէպքեր անուշ եւ լեղի պատահարներ, որպէսզի այս ձեւով թերեւս մենք զմեզ գտնէինք:

Հոն տեսանք նաեւ, որ հայ մարդոց մօտ նոր յոյսեր կային` շարուած կեանքի հորիզոններուն վրայ:

Ու անզգալաբար երկիւղած էինք: Ապշած եւ հիացած: Մտովի բոլորս ալ այցելած էինք ծննդավայր Հալէպ: Բոլորս ալ դարձեալ իրարու հետ եւ իրարմէ անջատ մեր մտածումներով հասած էինք տարիներու մեր դպրոց` Ճեմարանի դուռը ու հպարտօրէն ներս մտած: Մեզմէ շատեր քաղաքավար կերպով զարկած էին անոր թիթեղածածկ կամ քարակերտ դասարաններուն դռները: Բարձրացած էինք անոր կոտրտած, փոշոտած, ռմբահարուած աստիճաններէն ու ագահօրէն մեր աչքերով փնտռած` մեր դասարանները, որոնց ապակիները ջարդ ու փշուր եղած էին: Խե՜ղճ դպրոց, մեր ծննդավայրին նման` ինքն ալ զոհը դարձած էր անճակատագիր պատերազմին:

Կը զգայինք, որ մեզի հրամցուած այդ տեսերիզէն անխօս, բայց բացայայտ պատգամ մըն ալ կար, որ այդ վայրկեանին հասցէագրուած էր ուղղակի մեր ուղեղներուն: Մնայուն հաւատք:

Ու կը հաստատէինք, որ այս բոլոր տագնապներէն ետք, սփիւռքահայ մեր մաշումին դէմ եւ դիմաց, հոն հիմա կար յարատեւելու կամքը: Ճիշդ է, որ հինգ եւ աւելի տարիներու պատերազմը եւ համաշխարհային այլ տագնապներ մեզ բոլորս ալ յոռետես դարձուցած էին: Բայց ահա հայու տիրապետող եւ պատմական կամքին յայտնութիւնը եւ ոգին:

Այլեւս յստակ էր, որ հոն նոր յոյսեր փայփայուած էին: Նոր արշալոյս մը ծրագրած:

Կը հպարտանամ եւ կը յուզուիմ: Մեր մեծերու պատգամը կը յիշեմ:

«Աստուած մեծ է»: Բայց ո՞վ չի գիտեր…Ո՞վ կ՛ըսէ, թէ Ան փոքր է: Բայց ամէն բան Աստուծոյ ձգելու չէ: Հաւատք է պէտք, կորով, դրական քաջալերանք, յարատեւ ճիգ, լաւատեսութիւն եւ կամք: Ու ահա օրինակելի օրինակ մը` Հալէպի Ճեմարանականները, իրենց անսակարկ զոհաբերումով:

Չէ՞ որ նոյն այդ հաւատքն ու կամքն էին, որ եօթը տասնամեակներ առաջ հիմը դրած էին սփիւռքի մայր գաղութին նոր լոյս տուող եւ սփռող հայ մտքի կեդրոն` մեր Ճեմարանին, ու զայն կոչած` Ազգային Քարեն Եփփէ: Հրաշքի համազօր կամք:

Ահա նոր հրաշքը` կ՛ըսեմ: Ու կը զգամ, որ մտքիս մէջ մեծ վէրքի նման բացուած է այն էջը, որուն վրայ պիտի գրուի այսօրուան պատմութիւնը: Այլեւս սգաւոր չենք: Նոր երազներ մեզ կը տանին դէպի նոր ճանապարհ: Զօրակցութիւն է պէտք: Ա՛յս է պահանջուածը: Դրական եւ անսակարկ ու յարատեւ նուիրում: Ժամը արդէն հասած է: Բոլո՛րս, հրաւէրի կարիք չունի՛նք:

Յուզումս կը ճնշէ զիս:

Յաճախ կը մտածեմ` ուրկէ՞ եկած ենք, ի՞նչ ճամբայ կտրած ենք եւ ո՞ւր կ’երթանք:

Եւ շփոթած եմ:

Սակայն այլեւս պէտք չէ շփոթիլ` կ՛ըսեմ հպարատօրէն: Ապագայի ծրագիրներով ապրող մարդը առհասարակ աչքի առջեւ կ՛ունենայ ոգեշնչող օրինակներ:

Եւ ահա վկան: Այս տեսերիզը:

Ա՛յս է հիմա իրականութիւնը եւ տեսանելին: Եթէ կ՛ուզէք, նոյնիսկ` մեծ վկան:

Ու էական է, որ մենք չկորսնցնենք կենդանի կապը այս իրականութեան հետ:

 

 

 

Ֆրեզնօ Տանող Գնացքի Կառամատոյցին

$
0
0

Յ.  ՊԱԼԵԱՆ

Աշնանային երկուշաբթի առաւօտ: Կլենտէյլէն Ֆրեզնօ տանող հանրակառքի գրեթէ ամայի կառամատոյցին,  կը սպասէի: Կը քալէի վեր վար` սպասման ձանձրոյթին դէմ պայքարելով: Մարդիկ ընդհանրապէս այդ ժամերուն փակ տուփերու կը նմանին, իրարու կողքով կ՛անցնին եւ զիրար չեն տեսներ:

Զարմացած կանգ առի:

Ներկայանալի մարդ մը յանկարծ բարեւեց եւ ըսաւ.

– Բարե՛ւ, հա՞յ էք:

Հարցուցի.

– Ինչպէ՞ս գիտցաք:

– Հայը հային կը ճանաչի:

Եւ զրուցեցինք պահ մը: Կրկնուող զրոյց, հոս եւ այլուր, մեր թերթերու յօդուածներուն պէս, մեր կեանքի պատկերներուն, տխրութիւններուն եւ երբեմն ալ` ուրախութեան նմանող պահերուն պէս, ուր ցնցող լուրերն անգամ  ո՛չ նորութիւն են եւ ո՛չ ալ ցնցող:

1990-ին արտագաղթած «հայաստանցի» մըն էր:

Խորհրդային օրերուն լաւ վիճակ ունեցող մը եղած ըլլալու էր, օդանաւային ընկերութեան պաշտօնեայ, որ իր զաւակներուն հետ ինքզինք գտած էր «Լոս», զաւակները ստացած էին բարձրագոյն ուսում: Հինգ տարի սպասած էր, որ կացութիւնը բարելաւուի, եւ ինք վերադառնայ, եւ ապա միայն ծախած էր տունը եւ ինչքը: Հայաստան կ՛երթայ որպէս զբօսաշրջիկ:

Կ՛անդրադառնա՞նք այս «ցաւացնող»  լքման…

Լսեցի: Հիմա կը սպասէ, որ երկիրը բարելաւուի, որպէսզի վերադառնայ:

Եւ քանի որ երկիրը չի բարելաւուիր, ինք չի վերադառնար:

Եւ քանինե՜ր կը սպասեն այդ ինքնաբերաբար իրականանալիք բարելաւման…

Բարելաւումը կրնա՞յ ինքնաբերաբար տեղի ունենալ:

Հայը յանկերգի վերածած է «բարելաւման» ակնկալութիւնը, հին թէ նոր սփիւռքացած հայը: Կարծէք հազարումէկ գիշերներու հեքիաթներու բարի ոգիները երկիրը դրախտ պիտի դարձնեն եւ յետոյ կարմիր գորգ պիտի փռեն, որպէսզի հայը իրականութիւն դարձած երազային հայրենիքը վերադառնայ: Եւ քանի որ հուրի-փերիներ չկան, անոնց չենք հանդիպիր, արտագաղթած-սփիւռքացած հայաստանցին, բառարանին մէջ եղած եւ չեղած լուտանքները, որոնց թուումը մեր հոգեկան-ոգեկան սնանկութեան փաստերն են, թափեց իշխանութիւններուն վրայ` նախագահէն մինչեւ քաղաքապետ եւ մարզպետ, մտաւորականներ, զինուորականներ եւ «օլիկարխներ»:

Բայց ո՞ւր չկան իշխանութիւն եւ դիրք շահագործողներ:

Գնացքին մէջ, մինչեւ Ֆրեզնօ, ինծի ընկերացան սիրտ ճմլող լսածներս:

Ճիշդ է` կրկնութիւն է, ձանձրացնող, խօսիլ եւ գրել հայրենալքման, արտագաղթի, դէպի երկիր եւ նման կարգախօսերու մասին, որոնք կը յուզեն այդ մասին խօսողը եւ գրողը, ոչինչով նորութիւն են լսողի եւ ընթերցողի հետաքրքրութեան բաւարարութիւն տալու համար: Հայ թերթը, հայ հրապարակագիրը, նոյնիսկ հայ քաղաքական գործիչը հետաքրքրութիւն ստեղծող նորութիւն չունին հրամցնելիք, շահագրգռութիւն եւ բարօրութիւն ընձեռող խոստումներ:

Կարծէք` մեր քնացած պահուն, մեր բացակայութեան, առասպելի ոգիներ Հայաստանը պիտի դարձնեն այնքան երգուած «դրախտավայրը»:

Աշնան այդ առաւօտը, հայրենիքէ հեռացած եւ լաւ օրեր սպասող (չսպասող) հայը, առանց նրբութիւններու մէջ կորսուելու, առատօրէն կը հայհոյէր մեծին եւ պզտիկին, դուրսի եւ ներսի, կարծէք` հայհոյանքները բարեկարգման ծրագիր ըլլային: Պէտք է նաեւ խոստովանիլ, որ նման արտայայտութիւններ աւելի հեշտութեամբ լսող ականջներ կը գտնեն սրճարաններու մէջ, կամ` կիրակնօրեայ խորովածի կրակարանին շուրջ:

Հայաստանի դժուարութիւնները կան, քննադատելի եւ ցաւցնող երեւոյթներ կան, ո՞վ չի գիտեր: Բայց պէտք է տեւաբար հարց տանք մենք մեզի` կանգնելով հայելիին առջեւ, թէ ո՞վ եւ կամ որո՞նք պիտի իրականացնեն բարեկարգումի եւ վերականգնումի աշխատանքը: Հայրենիքի դժուարութիւնները եւ բացասականութիւնները չեն նմանիր մեր բնակարանի խանգարուած կամ փճացած ջրամատակարարման, կամ ելեկտրացանցի խանգարումներուն, որոնց նորոգութեան համար կը կանչենք աշխատաւորներ եւ կը վճարենք: Հայրենիքի դժուարութիւններու եւ բացասականութիւններու սրբագրութեան համար վարձկաններ չենք կրնար կանչել, այդ աշխատանքը մեր փոխարէն ուրիշներ պիտի չընեն: Նոյնիսկ երբ ուզենք լիաբուռն վճարելով բարեկարգումներ յուսալ, մենք մեզ կը խաբենք:

Հայը իր հայրենիքը պիտի վերականգնէ իր ներկայութեամբ:

Հրաշքով վերականգնած հայրենիքը յոյսերով եւ լաւ օրերու ակնկալութեամբ սպասող քաղքենիացած վերադարձին պէտք չունի: Շաբաթավերջի երգախառն խրախճանքները հայրենասիրական փուչիկ են, ոչ ոք խաբող օրօրոցային «նէյնիմ»:

Հայհոյելով եւ կամ երգելով, նստած` հեռաւոր երկինքներու տակ, մէկ կով կթած կ՛ըլլա՞նք: Ինչպէ՞ս ազգի իրաւ անդամը, որպէս մարդ եւ որպէս հայ, ինք իր աչքին կրնայ արդարանալ` սպասելով, որ սահմանին վրայ ուրիշներ պահակ մնան իր փոխարէն, ուրիշներ ճանապարհներ բանան:

Ֆրեզնօ տանող հանրակառքի կայանի արտագաղթած սփիւռքացած հայը, հայրենիք երազած եւ պայքար մղած սփիւռքացած հայերը օր մը պիտի կարենա՞ն յուշի, յիշատակի, երգի, պարի, խոհանոցային հայրենասիրութիւնը փոխարինել ներկայութեամբ իմաստնացած հայրենատիրութեամբ:

Ոմանք չեն սիրեր,որ խօսուի բազմագոյն խուսափումներու մասին` վերադարձէ եւ յանձնառութենէ, զորս կրնանք բնորոշել որպէս հրեշտակներու սեռ ճշդող բիւզանդական  միտքի մարզանքներ: Կը խուսանաւենք միտքէ եւ յանձնառութիւններէ խուսափելու համար:

Յանձնառութիւն եւ հայրենատիրութիւն` այսօ՛ր:

Վաղը միշտ ուշ է, կ՛ըսէր Ֆետերիքօ Մայոր, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի տնօրէն եղած յայտնատես մտաւորականը:

Չեմ գիտեր, թէ Կլենտէյլի հանրակառքի կայանի ներիմացումով զիս որպէս հայ ճանչցած եւ բարեւած հայը կը տեսնէ՞ այս տողերը:

Պիտի տեսնե՞ն նաեւ Ֆլորիտայի, Պեւըրլի Հիլզի, Քոթ տ՛Ազիւրի  կամ Լիբանանի Պայեատայի «հայասէր» հայերը, որպէսզի օր մը կատարեն ոստումը յանձնառու հայրենատիրութեան, նոր օրերու ռազմադաշտը` ըսելով, որ շարունակութիւն պիտի ըլլանք Արարատի փէշերուն կամ պիտի չըլլանք:

Ոստում: Եթէ ճառ խօսէի, կ՛ըսէի մեր այնքա՜ն լսած եւ հոլոված Աւարայրը կամ Սարդարապատը:

31 հոկտեմբեր 2017, Ֆրեզնօ

Արմենակ Եւ Երեւանի Փողոցներու Անգլերէն Աղմկող Երիտասարդները

$
0
0

ՄԱԿԱՐ

Օգոստոսի շոգ օրերուն Էլպիսին հետ Հայաստան եկեր էր: Իմացած էր որ պիտի գային Պոլսոյ «Վարդանանց» երգչախումբը եւ կեդրոնականցիները: Ըսաւ, որ մէկ քարով երկու թռչուն պիտի զարնէր:

Կարապի լիճին եզերքը կը զրուցէինք: Երեքշաբթի էր: Ծիածանի գոյներով կիներ եւ սլացիկ հասակներով աղջիկներ իրենց ձեռքի հեռաձայնները գրկած` կը թրվռային կամ իրենց ականջին կպցուցած` կը կչկչային:

– Մակա՛ր, երգչախումբին ելոյթը տպաւորիչ էր, իսկ կիրակի` աւելի: Պոլսէն եկած վարդապետը պատարագեց եւ Էջմիածինի կամարներուն տակ երգչախումբը Պոլիսը բերաւ, հոն հնչեց վարդապետի արեւմտահայերէնով քարոզը: Մտածեցի. միացումը այդպէս  կ’ըլլայ, ոչ ճառով:

– Իմացայ: Ըսին, որ երբեւիցէ  նոյն քաղաքէն այդքան մեծ խումբ չէր եկած:

– Ճիշդ է: Բայց տաք ապուրին վրայ միշտ պաղ ջուր լեցնող պիտի ըլլայ: Երէկ Նալբանդեան պողոտայի սրճարանը նստած էինք: Խումբ մը երիտասարդներ, տղայ աղջիկ, քսան հոգի ըլլալու էին, անգլերէն կը պոռչտային, ոմանք մայրենի լեզուի պէս, ուրիշներ` պճրտելով: Անկարելի էր զիրար լսել:

Երեւակայեցի, որ Արմենակ գայթակղած ըլլալու էր: Սպասեցի:

– Իրենց մօտեցայ: Լռեցին: Ըսի, որ հոս հայրենիք է, հայերէնը հայրենիք է, հաւատարմութիւն է: Գիտէ՞ք, թէ ինչե՜ր ըսած են մեր բանաստեղծները: Եւ հատիկ հատիկ արտասանեցի քանի մը տող:

– Ի՞նչ արտասանեցիր, Արմենա՛կ:

– Ըսի, լսեցէ՛ք, թէ ինչ կ’ըսէ Շիրազ մեր մայրենիին համար.

Ու Մեսրոպի սուրբ հանճարով

Դարձել է գիր ու մագաղաթ,

Դարձել է յո՜յս, դարձել դրօ՜շ,

Պահել երթը մեր անաղարտ…

Ըսի, որ իրենք տէր պէտք է ըլլան այդ յոյսին եւ շարունակեցի Մուշեղ Իշխանով.

Հոն է միայն, որ կրնայ գտնել ամէն հայ կրկին

Խաժամուժին մէջ օտար կորսնցուցած իր հոգին,

Անցեալն անհուն եւ ներկան, նոյնիսկ մթին ապագան…

Ծափահարեցին:

– Է՜հ, լա՛ւ է, ուրիշ տեղեր ճառ լսելու կ’երթան եւ իրենց չեմ գիտեր` ինչ ֆոները կը բանան, կը նկարեն, կողքի նստողին կը ղրկեն:

– Ազնուաշուք տիկին մը մօտեցաւ եւ դժգոհութեամբ ըսաւ, որ այս տղաքը հոս կը բերենք, հոգ չէ թէ անգլերէն խօսին եւ երգեն, կը վերադառնան եւ յիշատակներով հայ կը մնան: Լռեցի, բայց ինքզինքս չկրցայ զսպել եւ ըսի. «Տիկի՛ն, այս ձեւով ծագումով հայերը կը բազմացնէք, եթէ հայերէն սորվեցնէիք եւ հայերէն երգէին, հայ կ’ըլլային: Դուք ներկայ եղա՞ք թրքական Պոլիսէն եկած երգչախումբի ելոյթներուն: Թուրքիոյ մէջ հայերէն կը խօսէին, հայերէն կ’երգէին եւ հայ կը մնային»:

Տիկինը երեսը թթուեցուց եւ ըսաւ.

– Թող անգլերէն խօսին եւ երգեն, բայց զգացումով հայ ըլլան:

Ես ալ ըսի.

– Ի՞նչ ընելու եւ ո՞ւր հասնելու:

Տիկինը, գործնապաշտ եւ «բիզնես»-ական, ըսաւ.

– Ասոնք Հայաստան «տուրիստ» կու գան ապագային եւ Հայաստանին օգնած կ’ըլլան:

Կռնակը դարձուց ու գնաց:

– Արմենա՛կ, վաղը թերթերու մէջ յաջողութիւն շեփորող պատկերներ կը տպուին: Այդ տիկինը շատերէն աւելի լաւ հասկցած է, թէ ո՛ւր կը տանին եւ ո՞ւր կ’երթայ տեւաբար աճող սփիւռքը: Ինչո՞ւ չես լուսանկարեր խորհրդաժողովները:

 

, սեպտեմբեր 2017,  Երեւան

Թուրքիոյ Մէջ Բանտարկուած Լրագրողները Աւելի Շատ Են, Քան` Ամբողջ Աշխարհի Մէջ

$
0
0

Թուրքիոյ մէջ «Ազատ լրագրողներու նախաձեռնութիւն»-ը Տիգրանակերտի մէջ մամուլի ասուլիս հրաւիրած է` ներկայացնելով սեպտեմբերին մամուլին դէմ կատարուած իրաւախախտումներու մասին զեկոյցը:

Թրքական «Կերչեքկիւնտեմ» լրատու կայքէջը` մէջբերելով զեկոյցին մէջ հրապարակուած տուեալները, կը նշէ, որ սեպտեմբերին ձերբակալուած է 2 լրագրող,

ազատ արձակուած է 4 հոգի, դատարան ներկայացուած է 53-ը, 4-ը դատապարուած է 7 տարի 8 ամիս բանտարկութեան, 3 լրատու միջոցներու գոյքը հանուած է վաճառքի, 1

հեռատեսիլի կայանի մերժած են գործունէութեան արտօնութիւն տալ:

Հրաւիրուած ասուլիսի ժամանակ նախաձեռնութեան բանբեր Հաքքը Պոլթան նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ աւելի շատ բանտարկուած լրագրող կայ, քան` ամբողջ աշխարհի մէջ:

Ըստ անոր տուեալներուն, սեպտեմբերի դրութեամբ բանտերու մէջ կոպտօրէն խախտուած են 176 լրագրողներու իրաւունքները:

Պոլթան քննադատած է երկրի իշխանութիւնները, որոնք ըստ իրեն, Թուրքիոյ մէջ օրէ օր պատերազմ կը հրահրեն եւ կը հեռացնեն խաղաղութիւնը:

Ձերբազատիլ Նիւթական Մտահոգութիւններէ

$
0
0

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Խմբագիրները պէտք չէ նիւթականով մտահոգուին: Միջազգային կարգը այդպէս է: Հայկական իրականութեան մէջ սեփական թերթերու խմբագիրներուն աննախանձելի վիճակը յայտնի է պատմականօրէն, իսկ այսօր նման թերթերու գրեթէ անհետացումը փա՛ստ է: Կուսակցական մամուլի պարագան քիչ մը տարբեր կրնայ ըլլալ, երբ թերթի նիւթականին ապահովումը, աւելի ճիշդ` թերթը չփակելու երաշխաւորութիւնը իր վրայ կը վերցնէ պատասխանատու մարմինը:

Այսօրուան դրութեամբ, կուսակցական թերթերն ալ կրնան նիւթական տագնապներ դիմագրաւել: Մանաւա՛նդ երբ տպագիր մամուլը ընդհանրապէս նահանջի մէջ է, նիւթական միջոցներու սղութեան պարագային կամ նախապատուութիւններու եւ առաջնահերթութիւններու հրմշտուքին մէջ թերթը կրնայ ուշադրութենէ վրիպիլ, կամ` կրճատումներով (օրաթերթը դարձնելով երկօրեայ կամ շաբաթօրեայ) հրատարակուելու լուծման առաջնորդուիլ:

Յամենայն դէպս նիւթական մտահոգութենէ ձերբազատած մամուլ ունենալը երազային է մեր իրականութեան մէջ: Սակայն կ՛արժէ այդ երազը հետապնդել: Թերեւս նման նպատակի մը համար ամէնէն յանձնառու զինուորագրեալները կրնան ըլլալ նախկին խմբագիրները, մանաւա՛նդ անոնք, որոնք հայկական մամուլի նահանջին դէմ վճռական կեցուածք որդեգրելու տրամադրուած են: Բարեբախտաբար, եւ մեր առօրեան կ՛ապացուցէ այդ, հայ մամուլին զօրակցելու պատրաստակամ մարդոց ու բարերարներու թիւը աննշան չէ՛: Անհրաժեշտ է, սակայն, այս նիւթական հոսքը ճի՛շդ կառավարել` մշտական եկամուտի աղբիւրներու որոնումով:

Կրնա՞նք «Ասպարէզ»-ը այդպիսի վիճակի մը հասցնել: Մենք 110-ամեակի տօնակատարութիւնը կ՛ուզենք այդ վիճակին հասնելու կարեւոր քայլերով նշանաւորել: Միայն այդպիսի նպատակի մը հետապնդումը կրնայ արդարացնել մեր շարունակական դիմումները` «Ասպարէզ»-ի բարեկամներուն ու ընթերցողներուն:

 

 


152 Բարենիշ…

$
0
0

ՊԵՏԻԿ

Կարդացի «Ազդակ»-ի մէջ այն անհունօրէն գնահատելի լուրը, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հաստատած «Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտ»-ը վեց ամսուան ընթացքին ընդառաջած է եւ գոհացում տուած է 152 հայ դիմորդներու:

Մինչեւ հոկտեմբեր ամսուն հինգ հայ ընտանիքներ կազմուած են, 14 հայ մանուկներ մկրտուած ու մէկ երեխայ ծնած է միանալու իր երկու քոյր-եղբայրներուն:

Քաջալերելի այս ֆոնտին գաղափարը, անիկա  մեր ազգապահպանման ճիգերուն թերեւս ամենագործնական քայլն էր, որ ծնունդ առաւ Լիբանանի մէջ դրական մասնակցութեամբ հայ նուիրատուներու, որոնք այս թիւը տեսնելով եւ մանաւանդ ծանօթ ըլլալով դիմումներու ընդունման նախապայմաններուն` կրնան միայն հոգեկան գոհունակութիւն եւ հպարտութիւն զգալ:

Իմ հրաւէրս է մեր բոլոր ազգայիններուն` անխտիր, որ թիկունք կանգնին այս այնքան անհրաժեշտ ձեռնարկին, մասնակցին «Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտ»-ին հզօրացման եւ բարգաւաճման` ըլլալու համար անփոխարինելի նեցուկ ազգապահպանման գործին:

«Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք»` այս հաստատակամ հաւատքին հիմնաքար մը զետեղեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր այս քայլով: Պատի՛ւ իրեն եւ հպարտութի՛ւն մեզի` վճռակամօրէն, մեր հաստատ քայլերը առնելու դէպի հայ ընտանիքի ապագան:

 

 

Երեւանի Քարէ Պատմութեան Պաշտպան

$
0
0

ՑՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ
Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան
Հայաստանի ազգային համալսարանի ուսանողուհի

Երեւան-Էրեբունին բոլորեց իր 2799-րդ տարեդարձը եւ այլեւս 2800 տարեկան կը համարուի: Այսքա՜ն տարիներ ապրած է, շէնցած է, գեղեցկացած է Վանի թագաւորութեան ամրոցը եւ  տակաւին կը շարունակէ իր առաքելութիւնը: Ինչե՜ր տեսած է մեր քաղաքը: Ինչե՜ր պիտի տեսնէ տակաւին: «Երեւանցիներուս» համար Երեւանը, մեր մայրաքաղաքը ըլլալէ բացի, մեր տունն է : Ամէնօրեայ մեր կեանքի գործողութիւններուն հարթակն է եւ մեր մտաւոր ու հոգեւոր ներաշխարհը սնուցող միջավայրը: Պարզաբանում մը: Ան, որ Երեւանը իր տունը կը համարէ եւ յիշողութիւններու թէկուզ փոքր հանգրուանով մը կապուած է Երեւանին, կը համարեմ երեւանցի: Երեւանի առօրեան պարզ է: Ընդհանրապէս կը սկսի լուրջ զրոյցներով, դրացիներուն հետ, կանգառը նոյն հանրակառքը սպասող համաքաղաքացիի մը հետ, կամ նոյնիսկ հանրակառքի վարորդին հետ: Իսկ զրոյցի նիւթերը, եթէ ըսեմ` այլազան են, հաւանաբար լաւ նկարագրած չեմ ըլլար: Ինչպէ՞ս կրնաս օդի ջերմաստիճանը եւ արցախեան խնդիրը այլազանութիւն վերնագիրին մէջ ներառել: Ի դէպ, փոխադրական միջոցները երեւանցիներու օրուան մէկ կարեւոր մասնիկն են: Անոնք ըլլան հանրակառք ,մեթրօ կամ թաքսի: Ոչ մէկը միւսին կը զիջի աւելի հետաքրքրական ըլլալով: Երեւան ապրողը ամէնէն քիչը կէս ժամ օրական կ՛օգտագործէ այս միջոցներէն մէկը կամ քանի մը հատը:

Կեդրոն բնակողները ի հարկէ կը վայելեն առաւելութիւններ, որոնցմէ ամէնէն նախանձելին քալելով աշխատանքի կամ համալսարան երթալն  է: Երեւանի միջով քալելը կարծես պարգեւ մըն է: Պարգեւ մըն է, որ մեզի տրուած է սուղ գինով: Պարգեւ մըն է, որ գոհարն է հայկական արդի ճարտարապետութեան հանճարներէն Ալեքսանդր Թամանեանի ստեղծագործ միտքին: Պարգեւ մը, որ վսեմ է եւ ազգային` իր էութեամբ, քանի որ հիմնուած է  ազգային մտածողութիւն ունեցող ճարտարապետի մը գաղափարով:

Կան որոշ փողոցներ, որոնց մէջէն երբ քալես, կը զգաս քնքշութիւն, գուրգուրանք. կարծես` այդ պաղ քարէ սեւ շէնքերը, որոնց վրայի նախշերը այնքա՜ն նուրբ են եւ նազելի, քեզ մօր մը պէս կը շոյեն եւ հոգիդ կը պարուրեն մեղմ հպումներով, սակայն միաժամանակ հայրական հպարտութեամբ մը քարէ ըմբոստները կը փորձեն քեզ քաջալերել: Պէտք է զգալ տաքութիւնը այդ միջավայրին եւ ըմբոշխնել անոր ընծայած յուշերը, բուրմունքը եւ սէրը: Այս շէնքերը, այսինքն` սեւ քարէ շէնքերը, 19-րդ դարու գոհարներ են, որոնք հիմնականին մէջ բնակելի տարածքներ եղած են: Ո՛չ բարձրայարկ, երկուքէն չորս յարկ բարձրութեամբ կառոյցներ, 19-րդ դարու տարածուած նոր-դասականութեան (neoclassical) տիպին պատկանող, սակայն ի տարբերութիւն եւրոպականին եւ ռուսականին` իրենց կերպարին մէջ կը շեշտուի հայկական ճարտարապետական միտքի բնականոն զարգացումը` ի՛ր իսկ դաւանած ազգային ժառանգութեան հիման վրայ:

Այս շէնքերը յուշարձաններ են, որովհետեւ ունին պատմական նշանակութիւն, ազգային նկարագիր, հայ միտքի զարգացման արդիւնք են եւ այդ ժամանակաշրջանը ներկայացնող քարէ վկաները:

Շատ ցաւալի  է եւ ընվզեցուցիչ, անկախութենէն ետք, մանաւանդ` վերջի տասնամեակին, այս յուշարձաններու հանդէպ կառավարութեան ցուցաբերած վերաբերմունքը: Մեծ թիւով նման յուշարձաններ քանդուած են, եւ փոխարէնը կառուցուած են բարձրայարկ բնակելի շէնքեր կամ հիւրանոցներ, որոնք ճարտարապետական տեսանկիւնէ ցած որակի եւ ճաշակի օրինակներ են: Չեն համապատասխաներ Երեւանի միջավայրին եւ կը խաթարեն անոր դիմագիծը:

Հիմնական պատճառը այս շէնքերը քանդելուն` նիւթական շահ ապահովելն է: Նիւթական շահ` ազգային պատմական յուշարձաններու հաշուոյն: Այս աստիճանի  հասած է նիւթապաշտութիւնը: Երեւանը զարգանալու եւ բարգաւաճելու հսկայական կարելիութիւններ ունի, «յարգելի՛» գործարարներ, բայց ոչ` իր պատմութեան եւ ապագայի հաշուոյն:

Ամէն քաղաք իր գրուած պատմութիւնը ունի եւ հարկաւ` իր քարէ պատմութիւնը: Պատմութիւնը արժէք է: Պատմութեան հետքերու պահպանումը եւ վերականգնումը ազգային արժեհամակարգ է: Եթէ պատկան մարմինները եւ հայ ճարտարապետները իրենց վստահուած աշխատանքը կատարեն` նկատի ունենալով այս արժեհամակարգը, պիտի կարենանք Երեւանի զարգացման ուղին ճշդել: Եւ եթէ հայ երիտասարդ ճարտարապետներով կրցանք մեր ակունքներուն վերադառնալ, սորվիլ եւ ըմբռնել մեզի հասած ճարտարապետական ժառանգութիւնը, պիտի յաջողինք ստեղծել արդի հայ ազգային ճարտարապետութիւն, որ իր իւրայատկութիւններով կրնայ նոր թափ տալ հայ արուեստին եւ նորամուծութիւն բերել համաշխարհային Ճարտարապետութեան մէջ, որ ինքնին համաշխարայնացումէն ազդուած է բացասականօրէն:  Մէկ բան յստակ է ինծի համար. այս ներկայ ընթացքը շարունակելի պէտք չէ ըլլայ, պէտք է ըլլայ դատապարտելի` Երեւանի բնակիչերէն սկսեալ մինչեւ ամէն մէկ հայ անհատ: Հետեւինք մեր մայրաքաղաքի լուրերուն, հայ մամուլը թող զգաստութեան հրաւիրէ այս ապազգային գործը կատարողները:

Պարոյր Սեւակի խօսքերով `«Մեր դարէ կարօտն ու մեր քարէ նազանք»-ը պէտք ունի իր զաւակներուն հոգատարութեան , որպէսզի մեր կանչը ի զուր չկորչի, որպէսզի մեր տենչն ալ չսառչի եւ մեր փոքրիկ հողի մեծ երազանքը մեծանայ դարերով: «Երեւան դարձա՜ծ, իմ էրեբունի»:

 

 

Հրեայ Պատմաբան Եայիր Օրոնի «Մուսա Լերան 100 Տարիները» Գիրքը` Նոր Վկայութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

$
0
0

ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան մասին բազմաթիւ գիտական աշխատանքներու հեղինակ հրեայ ցեղասպանագէտ Եայիր Օրոն իր նոր հրատարակած «Մուսա Լերան 100 տարիները» գիրքի նախաբանին մէջ յստակօրէն կը շեշտէ, որ գիրքին լոյս ընծայումը կոչ մըն է Իսրայէլի պետութեան` ի վերջոյ պետականօրէն եւ պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Օրոն կը գրէ. «Երբ Իսրայէլը` հայրենիքս, կ՛ուրանայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, այդ ընթացքով կը դաւաճանէ ու կը նսեմացնէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը` միաժամանակ դաւաճանելով Հրէական ողջակիզումի զոհերուն յիշատակին»: Գիրքին նախաբանին մէջ հեղինակը գիրքը կը ձօնէ հայոց եւ հրեաներու ցեղասպանութեանց զոհերուն:

Գիրքը կը բաղկանայ 11 ենթագլուխներէ, որոնցմէ առաջինը կը կրէ «Իսկական պատմութեան իսկական հերոսը» խորագիրը. այստեղ հեղինակը լուսարձակի տակ կ՛առնէ Մուսա Լերան հերոսամարտի զինուորական հրամանատար Մովսէս Տէր Գալուստեանի կեանքն ու քաղաքական գործունէութիւնը` շեշտադրումը կատարելով հերոսամարտի ընթացքին ինքնապաշտպանութեան մարտական գործողութիւնները կազմակերպելու անոր որոշիչ դերակատարութեան վրայ: Այս հատուածով Օրոն վկայութիւններ կը բերէ պատմաբան Աշոտ Ներսիսեանի` Կարօ Սասունիի մասին գրած աշխատութենէն: Գիրքին յաջորդ ենթաբաժինով, սեղմ գիծերու մէջ կը ներկայացուի ֆրանսական նաւերուն միջոցով իրագործուած փրկութեան գործողութիւնը:

Յաջորդող ենթաբաժիններուն մէջ Օրոն խորքային մօտեցումով կ՛անդրադառնայ «Մուսա Լերան 40 օրերը» վէպի հեղինակ Ֆրանց Վերֆելի անձին ու գործունէութեան` շեշտելով, որ վէպը գրելու իր տարերքին մէջ Վերֆել տարիներով ուսումնասիրած է` պատմական արխիւներ, ականատեսներու վկայութիւններ, փաստաթուղթեր եւ լրագրական աղբիւրներ:

Գիրքին չորրորդ ենթաբաժինով Օրոն կը ներկայացնէ «Մուսա Լերան 40 օրեր»-ի առթած ազդեցութեան հոլովոյթը Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին հրէական սփիւռքին մէջ, յատկապէս` եւրոպական սփիւռքի գերմանական, աւստրիական եւ լեհական հրեայ գաղութներուն մէջ: Միաժամանակ, 1934-ին, Թել Աւիւի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը հրատարակուի վէպին եբրայերէն տարբերակը` Ժոզեֆ Լիխթենպոմի թարգմանութեամբ:

Օրոն կը գրէ, որ մահուան դէմ պայքարող մուսալեռցիներու ծառացումը լերան մը վրայ, Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն, հրեաներուն կողմէ կը վերածուի Մասսատայի բարձունքին վրայ ՔԱ. 70 թուականին Հռոմէական կայսրութեան դէմ իրենց ըմբոստութեան համարժէք պատմական եղելոյթի:

Հինգերորդ եւ վեցերորդ ենթաբաժիններով պատմաբան Օրոն արխիւային հարուստ շտեմարան մը բանալով` կը գրէ, թէ ինչպէ՛ս Վարշաւիոյ եւ Եւրոպայի տարածքին գտնուող հրէական թաղամասերու եւ կեթոներու դիմադրական շարժումներուն մէջ Վերֆելի վէպը խթան եւ ներշնչումի աղբիւր հանդիսացած է հրեայ ժողովուրդին Բ. Աշխարհամարտի օրերուն, իսկ հրէական կեդրոնացման ճամբարներու մէջ յոյս ներշնչած` դէպի ստոյգ մահ գացող բազմահազար տառապեալներու:

Իր այս աշխատութեան մէջ Օրոն կը շեշտէ պատմական յիշողութեան կենսական գործը` հրեայ սերունդներու ազգային ժառանգութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ: Գիրքին եզրափակիչ բաժինով Օրոն կը մէջբերէ «Մուսա Լերան 40 օրերը» վէպի առաջին եբրայերէն հրատարակութեան առիթով գրուած Մոշէ Պէյլինսոնի գրախօսականին մէկ նախադասութիւնը` «Այս գիրքը սերունդներու համար գրուած գիրք է»: Օրոն կը շարունակէ` գրելով, որ դժբախտաբար հրեայ ժամանակակից սերունդը անտեղեակ է մուսալեռցիներու մղած հերոսամարտէն: Ան անհրաժեշտ կը նկատէ Ֆրանց Վերֆելի վէպին ներառումը Իսրայէլի պետական կրթական ծրագիրին մէջ, ինչպէս նաեւ` ուսումնական բարձրագոյն կրթարաններու պատմութեան բաժանմունքներու ծրագիրներուն մէջ, որովհետեւ Վերֆելի վէպը` «Այնպիսի գրական երկ մըն է, որ կարողութիւնը ունի արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց արժէքները ուսուցանելու համայն մարդկութեան»:

Անգլերէնով գիրքը հրատարակուած է Մոնրէալի մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Քանատայի Միացեալ մարմինին նախաձեռնութեամբ: 106 էջ հաշուող գիրքի խմբագիրն է քանատահայ գրող Անուշ Ակներեանը: Շուտով Թել Աւիւի մէջ լոյս պիտի տեսնէ գիրքին եբրայերէն տարբերակը:

«Հայոց ցեղասպանութիւնն ու սիոնիզմը. անընդունելի անտարբերութիւն», «Կատարեալ անարդարութիւն. ցեղասպանութիւնը եւ հայութեան ունեցուածքի կողոպուտը», «Փրկիչներ եւ մարտիկներ» գիրքերուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բազմաթիւ պատմագիտական աշխատութիւններու հեղինակ Եայիր Օրոնի «Մուսա Լերան 100 տարիները» գիրքը թրքական ուրացման քաղաքականութիւնը արգելակող նոր վկայութիւն է, նաեւ` Իսրայէլի խուսափողական քաղաքականութեան դէմ պատմական ճշմարտութիւնը ընդունելու յստակ պատգամ է:

 

 

Հայաստանի Նոր Իրականութիւնը Խղճի Աչքերով

$
0
0

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

100 Նոր Եկեղեցիներ

Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն վարդապետ մը երկիւղած յուզումով զեկուցեց, որ անցնող 26 տարուան ընթացքին, հայրենի անկախութենէն ետք, Հայաստանի ու Արցախի մէջ կառուցուած է 100 եկեղեցի, միջին հաշուով` տարին 4 եկեղեցի, չհաշուելով, որ անոնց շինութեան գործընթացը սկսած է 1980-ական եւ 1990-ական թուականներուն:

Էջմիածնի միաբան վարդապետը այս առիթով յայտնեց, որ Մայր Աթոռին ենթակայ 400-է աւելի եկեղեցիներ կը գործեն աշխարհիս մէջ, որոնց համար ծախսուած է շուրջ 26 միլիոն տոլար, միջին հաշուով իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ համար 150-200 հազարի դրամագլուխ մը տրամադրուած է:

Եկեղեցաշինութեան համար մեծահարուստ հայեր հովանաւորած եւ շօշափելի գումարներ տրամադրած են` դեռ չհաշուելով մանաւանդ մեր ժողովուրդի սրտաբուխ նուիրատուութեանց անշահախնդիր մասնակցութիւնը:

Այս առիթով միաբանը զեկուցեց, որ 2010-2016 կատարուած վաւերագրական ուսումնասիրութեան մը համաձայն, աւելի քան 3000 աւերուած յուշարձաններ արձանագրուած են Թուրքիոյ տարածքին, մինչդեռ տուեալ երկրի հողին վրայ հայերս պէտք էր ունենայինք 170.000-է աւելի պատմական յուշարձաններ:

Պատմական Հայաստանի մշակութային բեկորները կ՛ոչնչանան, եւ մեր պատմութիւնը փաստող յիշատակարանները կը մոռցուին մարդկային քաղաքակրթութեան անդենականին մէջ, խորհրդածեց վարդապետը ցած ու տխուր ձայնով մը ու ծանրօրէն նստաւ իր աթոռին վրայ:

Հայկական յուշարձաններն ու պատմական յիշատակարանները խնդիր ունին նախ հողին հետ` ըլլայ ան հայրենի, Արցախի, Նախիջեւանի, Ջաւախքի թէ պատմական բռնագրաւուած Հայաստանի, որովհետեւ անոնց յուշը միշտ կը շալկես ուրիշի, ուրիշներու կեանքով կամ նահատակութեամբ, եւ` ոչ միայն քաղաքակրթական միջամտութեան մը նախանձախնդրութեամբ:

Մեր թշնամիները չգիտցան սիրել մշակոյթը եւ միայն չարագործութեամբ, քանդումով ու ոչնչացումով ցոյց տուին ազնիւ մշակոյթին հանդէպ իրենց բարբարոս մղումները:

Մշակոյթային միասնականութեան ժամանակներու մէջ կ՛ապրինք, թէ՞ մշակոյթը կաթուածահար ընելու յաւելեալ ճիգ մը կը թափենք:

Արդեօ՞ք կը սխալիմ: Պատմութիւնը պիտի դատէ բոլորը` յանցաւորը, նուազ յանցաւորը, անտարբերն ու հասարակ հանդիսատեսը:

Մշակոյթը պատմութեան արժանանալու համար չէ միայն, այլ իսկապէս արժանի ըլլալ նոյնինքն մշակութային համապատասխան արժէքին` պատմութեան ստեղծագործ թէ ամօթալի էջերուն վերաբերող:

Յիշողութիւն եւ լռութիւն:

Յիշողութիւն եւ պատասխանատուութիւն:

Մշակոյթը անապահովութիւն կը ստեղծէ մեր ժամանակներուն մէջ, եւ այդ մէկը մենք կը զգանք, հակառակ որ մենք մշակոյթով մեծցանք եւ կրնանք ըսել, որ տարեկից ենք անոր:

Քանդուած յուշարձանները ո՞ր պատմութեան վկաներն են այսօր:

Կը յուսամ, որ թէկուզ քանդուած վիճակի մէջ` այդ յուշարձանները շարունակեն դիմանալ ժամանակի ու վայրի պատսպարաններուն մէջ:

Յուշարձանը իր արժանապատուութեան պէտք ունի, արժանապատուութիւնն ալ` յուշարձաններուն:

Այսինքն` յուշարձաններու արժանապատուութեան:

Մեր սրբագոյն նահատակները մեր յուշարձաններն են:

Ժողովրդագրական Ցուցանիշներ

Հայաստանի ժողովրդագրական բնական աճի ցուցանիշներու համեմատական պակասը խորապէս մտահոգած է Միջազգային ապահովութեան հարցերու փորձագէտ Եղիշէն, որ աճի նուազման դիմաց հանդիսադրեց վերլուծում մը, գնահատումներ եւ ոչ լաւատես հեռանկարներ`  սփիւռքի հայկական զանգուածներու յամրաքայլ, բայց հաստատ ձուլման բաղդատականներով:

Ան նշեց, որ Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ բազմազաւակ ընտանիքներ ունենալու խրախուսական, բայց ոչ լաւ կազմակերպուած ու արդիւնաւորուած քայլերը, ինչպէս` նիւթական նպաստներ, բնակարանային ծրագիրներու բաղադրիչներ, փաստօրէն ակնկալուած ծնելիութեան թափ տուած չեն, այս յուսատու ծրագրի սպասումներուն` երկրին մէջ տիրող ընկերային, տնտեսական, բազմաբնոյթ արտագաղթի բացասական իրավիճակին, աւելի՛ն, արտագաղթողներու մէկ լուրջ ու մտահոգիչ համեմատութեան արտասահմանի մէջ ծնած ըլլալու պատճառով: Իրողութիւն, որ յաջորդող տարիներուն պիտի ազդէ ուղղակի նաեւ ազգային բանակի թուային համալրման կարիքներուն:

Բաղդատական տուեալներու համաձայն, ժողովրդագրական այս խնդիրը հետզհետէ կը բարդանայ, քանի կը խախտին ծնելիութեան ու մահերու տոկոսները` ժողովրդագրական անհաւասարութիւններու նոր իրականութիւն մը ստեղծելու անհանգստացնող ցուցանիշներով:

Եղիշէն վերարտադրութեան վերաբերող տուեալներ հանդիսադրելով` օրինակ տուաւ, որ 1992-ին Հայաստանի մէջ ծնած են 70.581, 1997-ին 43.929, իսկ 2001-ին 32.065 երեխաներ: Աւելի ընդհանուր, Հայաստանի անկախութեան առաջին տասնամեակին ծնած է 464.457 երեխայ:

Ինքնատիպ թուանշաններ` անպայման: Ծնողներէն մաս մը մանկական տարիք չունեցաւ եւ արտասահման գաղթեց` առանց հայրենի օրօրոցային երգը լսելու, մաս մըն ալ` մեծերէն վերջինները, իրենց հոգին աւանդեցին հայրենի հողին, թէ օտար անհիւրընկալ հողերուն վրայ:

Հեռացումը վստահաբար կռուի իմաստաւորուած կամ չիմաստաւորուած ճանապարհը ցոյց չի տար: Այս մէկը կը հաստատեն ե՛ւ մնացողները, ե՛ւ ազգային երկընտրանքով գոյատեւող հեռացածները: Անոնց համար, կը մաղթեմ, որ հայու պատմութիւնը դիմանայ հին եւ նոր ժամանակի հայելիին մէջ, քանի հայու պտղատու ծառը կը մեծնայ ե՛ւ ամառնային, ե՛ւ ձմեռնային մթնոլորտի պայմաններուն մէջ:

Ամէն հայ պէտք է գիտնայ իր դերն ու դիրքը: Հայ ազգը ամբողջութեամբ եւ առանց նուազագոյն խտրութեան զինուոր է, զինուորագրուած է, քանի Հայաստանի գոյութեան շարունակութիւնը ժամանակաւոր կամ պատահական երեւոյթ մը չէ, թէկուզ ոմանք նոր հայրենիքներ փնտռելու եւ իւրացնելու անբարենպաստ գործին լծուած են, կամայ թէ ակամայ:

Երբեմն ես ինծի հարց տուած եմ, թէ սփիւռքի հայերը իրենց նոր կեանքի որակային արժէքներու գնահատականը կատարա՞ծ են: Սփիւռքի մէջ, արդէն, նոր սփիւռք մը կը կազմաւորուի` հարկադրելով մեզ անոր զատորոշումը կատարելու` «հին», եւ «նոր», կամ ալ` ձախող կերպով «խորհրդային սփիւռք» անուանումով: Մէկ խօսքով, հին սփիւռքին մէջ նոր սփիւռք մը` մասամբ քարտէսագրուած համապատասխան երկիրներու մէջ, չքարտէսագրուած նոր հայութեան ներկայ պատկերը` բարդ, մասամբ անլուծելի խաչբառի մը տպաւորութիւնը տալով:

Գիտէ՞ք` այս բոլորին անունը միայն Հայաստան է, հոգ չէ թէ մեր հերոսներուն մահը չյաջողեցաւ աւելի լաւ կեանք մը ընձեռել հայութեան եւ աշխարհին:

Կեանքի մէջ մարդս ե՛ւ կը շահի, ե՛ւ կը կորսնցնէ, ե՛ւ կը յաղթէ, ե՛ւ կը պարտուի, որովհետեւ մարդ իր անձին ե՛ւ բարեկամն է, ե՛ւ թշնամին:

Հայրենիքները,- ճիշդ է, միշտ որակ ու քանակ չեն արտադրեր, որովհետեւ հայրենի դիմագրաւած խնդիրները ե՛ւ վտանգաւոր են, ե՛ւ չափազանց զգայուն:

Հայաստան ¬ սփիւռք 6-րդ համաժողովին նախագահը խօսեցաւ ապագայի 4 միլիոն բնակչութեան մասին` Հայաստանի մէջ:

Խղճմտանքը հայկական բառ է, բայց մենք 26 տարի ժամանակ կորսնցուցինք հայու ժամանակին մէջ` ժամանակը ժամանակի փակագիծի վերածելով:

Ուշադրութի՛ւն. զգացական հարցերը պէտք է պաշտպանուած ըլլան ժամանակի մաշումին դէմ:

Լեզուի Լուծարում

Բանահիւսութեան ֆաքիւլթէի ուսանող Ռուզաննան իր մտահոգութիւնը յայտնեց Լեզուի պետական տեսչութեան հնարաւոր լուծարման մասին: Անդրադարձաւ լեզուի նշանակութեան, արժէքին եւ տարածման կարեւորութեան եւ ոչ թէ` հակառակը: Անհրաժեշտ նկատեց Լեզուի տեսչութիւնը կառավարութեան կից կառոյցի վերածելու եւ իշխանութիւններու գուրգուրանքին արժանացնելու կարեւորութեան մասին: Ազգ մը չի կրնար ապրիլ առանց իր քաղաքակրթական արժէքին:

Իսկ բանասիրութեան բաժնի ուսանող Մելանիան դիտել տուաւ , որ լեզուն գերագոյն յարգանքի պէտք է արժանանայ հանրապետութեան մէջ բացասական ձեւով միջամտութիւններ կատարողներուն կողմէ, որոնք յաճախ լեզուական ու լեզուագիտական հարցերու գիտութիւն ու մասնագիտութիւն չունին եւ կը զբաղին բառային լարախաղացութիւններով:

Գրականագիտութեան բաժնի ուսանող Նիքոլայը անհրաժեշտ գտաւ Լեզուի պետական տեսչութիւնը գիտական կառոյց դարձնելու եւ դուրս գալու տիրող համակարգէն, որ խեղճ ու կրակ վիճակի մէջ կը գտնուի: Լեզուն պահելը բարոյական հարց է, ըսաւ ան:

Նոյն հարցով ուսանողուհի Ժաքլինն ալ կոչ ուղղեց լեզուական համապատասխան մարտահրաւէրներուն հանդէպ յարգանք ու լրջութիւն ցուցաբերելու` լեզուական մակարդակի որակը պահպանելու հեռանկարով. «Ատենօք լեզուն սրբութիւն էր. պահպանեցէք այդ սրբութիւնը, լեզուն չի բաժներ ժողովուրդները, այլ կը միացնէ զանոնք», ըսաւ ան` իր խօսքը աւարտելով:

Աշխէնը խօսեցաւ լեզուական հանրակրթութեան մասին` ընդգծելով,  հանրակրթութիւնը լեզուի ճամբով ազդու դարձնելու կարեւորութիւնը, որ` պէտք է ունենալ համապատասխան զօրաւոր կառոյց` ուսուցիչ, դաստիարակ ապահովելով: Վերջը` շատ լաւ աշակերտ ու ուսանող, ապա նաեւ` սեղանի վրայ քննարկման դնել մարդ կրթելու հիմնական խնդիրը:

Ճիշդ է, որ կրթական որակը կը պահուի հաւասարապէս որակային կառոյցով ու միաժամանակ դաստիարակով, բայց անպայմանօրէն` մանկավարժական պատրաստութեամբ եւ մանկավարժութիւնը առաքելութիւն համարելու ներշնչումով: Դպրոցներու մէջ միայն հայոց լեզուի դաստիարակչական ծրագիրը բաւարար չէ հայոց լեզուն, գրականութիւնը, պատմութիւնը սիրցնելու համար նստարանի վրայ գտնուողին, այլեւ անոր ներշնչելու հայ լեզուի անփոխարինելի դերը` հայութիւնը համահաւասար յայտարարի մը բերելու համար:

Եթէ ուսանողները կարեւորութեամբ կը մատնանշեն տուեալ պարագան, այս կը նշանակէ, որ կրթադաստիարակչական յստակ արժեհամակարգի մը վրայ պէտք է ծրագրել ուսումնական միջավայրը` իր ընձեռած բազմատեսակ փորձառութիւններով:

Դպրոցը մարդակերտումի հաստատութիւն է, եւ վստահ ըլլանք, որ մեր ազգային բազում հարցերուն պատասխանը կու տայ, որովհետեւ ան նկարագիր կը մշակէ ու կը դարբնէ, յատկապէս, սակայն, կը զօրացնէ մեր ազգային պատկանելիութեան զգացումը:

Հայ դպրոցը, հայկական համալսարանը պարտաւոր են ճշդել, թէ ինչպիսի՛ հայ, ինչպիսի մարդ կը պատրաստէ վաղուան կեանքին համար, կեանքի վաղուան ընտանիքներուն համար: Այս բոլորը ընելու համար, սակայն, վերլուծումները գործնական ծրագրի պէտք է վերածուին միասնական սկզբունքներու շուրջ ընդհանրապէս համաձայնելու համար:

Թէ` ինչպէ՞ս պիտի կոչենք այս բոլորը:

Մի՛ մտահոգուիք, հայերէնի մեր հարուստ լեզուն ճիշդ բառ մը պիտի գտնէ այս բոլորը բնորոշելու համար:

(Շար. 4)

 

Երեւանս` Լուսադէմին

$
0
0

ԿԱՐԻՆԷ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Երեւանս` լուսադէմին. փողոցն աւլող կանայք` ամէն մէկն իր մտքերով` կա՛մ երէկուանից չմարսած, կա՛մ էլ առաւօտ շուտ ծնուած:

Երեւանս` լուսադէմին. կանգառներում թափուած ծխախոտի մնացորդները. ով գիտի` մէկը սիրած աղջկան համբուրելուց առաջ է ծխախոտը հանգցրել, միւսը չհամբուրելուց ջղայնացած` սկսել է ծխել, մէկ ուրիշն էլ հէնց այնպէս` հաճոյքի համար է ծխել:

Երեւանս` լուսադէմին. առաջինը գիծ մտնող աւտոբուսներում քնած մարդիկ` ուռած, կարմրած աչքերով, ձեռքներին դատարկ կամ լիքը տոպրակներ` կէսօրուայ սնունդն է կամ սնունդի մնացորդները: Առաջինը գիծ մտնող աւտոբուսներում քնած մարդիկ` ուռած, կարմրած աչքերով, որ աւտոբուս մտնողի յետեւից մի աչքը բացում ու տեղ են տալիս, յետոյ նորից քնում: Աւտոբուսի վարորդը` թարմ տեսքով, բայց նեարդային` հազում է, փնչացնում, դիմացի ապակու միջով քնած ուղեւորներին նայում ու ծխում` միաժամանակ փորձելով որքան հնարաւոր է անաղմուկ վարել: Վարորդը բոլոր ուղեւորներին ճանաչում է, գիտի` ով որտեղ է աշխատում եւ ուր պէտք է իջնի: Վարորդը կանգառում ոտքը կախ է գցում` մօտ 10 րոպէ նեղ փողոցի վրայ ուշադրութիւնը սեւեռում, ուղեւորներից ոչ ոք ձայն չի հանում. մէկն ուշացել է, սպասում են, լուռ են, կարող է մի օր էլ իրենք ուշանան:

Երեւանս` լուսադէմին. պաստառներից նայող դէմքեր, որ համոզում են` գիրք կարդալ, օգտուել այսինչ պանքից ու` շահում` «Աւելի բարեկարգ Երեւան»` Աբովեան փողոցի մի շինութեան վրայ, որն այդպէս էլ չի կառուցւում, որի կողքին «բարեկարգ» աղբը տարածուել, «բարեկարգ» բուրում է:

Երեւանս` լուսադէմին. Ազգային ժողովի շէնքը` սուսուփուս կանգնած. պատգամաւորները դեռ քնած են պատգամաւորական քնով, ու տարածքում լիքը կեանք կայ. ծաղիկները զարթնել, ծառերին են հրմշտում, թէ` վեր կաց, ամօթ է, ճաղերի արանքից մեզ նայող կայ:

Երեւանս` լուսադէմին. Սարեանի պուրակում գտնուող սրճարանը` շրջուած աթոռներով: Երէկ ներս ընկած այս սեղանի մօտ հաստատ Էդոյեանն ու Յակոբ Մովսէսն են նստած եղել, զրոյցը ձգուել, Երեւանին էլ է հասել: Տեսնես` Աւագ Եփրեմեա՞նն էլ է այստեղ եղել, թէ՞ էլի իր սենեակն է նախընտրել:

Երեւանս` լուսադէմին. նստարաններին քնած մարդիկ` երկար մօրուքով /գուցէ մօրուքի փառատօնին մասնակցեն/, մի քանի տակ հագնուած ու աղբից ինչ-որ մնացորդներ կողքներին դրած: Նստարաններին քնած մարդիկ` համաչափ շնչառութիւնից մօրուքը տարուբերուող: Մէկը պապիս է նման, միւսը` չունեցած քեռուս, երրորդին էլ, որ ուզեմ, եղբօրս կը նմանեցնեմ:

Երեւանս` լուսադէմին. «Թուֆենկեանը» քնից նոր-նոր է զարթնում, արեւն արդէն հասել է տանիքին:  «Բարի լոյս, սիրելի՛ս», սիրուն կառոյց է, կողքով անցնելիս խօսեցնում է քեզ: Իսկ ա՛յ դիմացը` Ազգային չգիտեմ ինչ կուսակցութեան շէնքի գլխին սարքած կառոյցին արեւը մէկ ժամ յետոյ կը հասնի. դրան տեղն է, ոնց որ տնօրէնի գզգզուած «չոլկա» լինի հին շէնքի վրայ:

Երեւանս` լուսադէմին. աւտոմեքենաների ուղղութիւնը հեշտութեամբ կարող ես գուշակել` օդակայան կամ օդակայանից, հացի փուռ կամ հացի փռից, մի քանի անքուն վարորդ` գիշերային աշխատանքից տուն գնացող ու թաքսիներ` ղեկը գրկած-քնած վարորդներով:

Երեւանս` լուսադէմին. այգիները, փէշերը հաւաքած, անհամբեր սպասում են. մաքրող կանայք իրենց էլ հասնեն ու նախորդ օրուայ` գետնին թափուած յուշերը կը մաքրեն` արեւածաղկի կեղեւ, գարեջրի շշեր, մաստակ, հացի փշրանքներ, մի երեխայի ձեռքից էլ փուչիկն է փախել ու նստարանի տակ թաքնուել:

Երեւանս` լուսադէմին. պարզւում է` Երեւանս լուռ քաղաք է: Լուսադէմին ականջներդ սղոցող աղմուկը` մուննաթ, ազդանշաններ, «բարեկարգման» դռդռոց չկայ ու չկայ, միակ ձայնը քաղաքն իրենցով արած ագռաւների «ղա՜ռ-ղա՜ռ»-ն է ու հատուկենտ մեքենաների անիւների ճռռոցը:

Երեւանս` լուսադէմին` նոր ծնուած երեխայ. շուտով մայրը կ՛արթնանայ ու կ՛ուզի տակդիր հագցնել, սկեսուր մայրիկը կ՛ասի` տակդիրը սխալ է, հայրը ձեռքը թափ կը տայ ու աշխատանքի կը գնայ, պապը հարսի ու կնոջ վրայ կը գոռայ, թէ` հանգիստ թողէք էդ երեխուն: Յետոյ կը փորձեն նորածնին կերակրել. մայրը կը կարծի` իր սարքած ճաշն է ամենահամեղը, տատը մօրից թաքուն մի բան կը դնի երեխայի բերանը: Յետոյ մայրն ու տատը երեխայի հագուստի համար կը վիճեն` ո՞րն է սազում, ո՞րն է աւելի տաք ու յարմար, ու վերջում կը հագցնեն` վերնաշապիկը` մօր, տաբատը` տատի ճաշակով: Յետոյ տանը հիւրեր կը գան` նորածնին սիրելու` աղու, ղուղու, ու կը յոգնեն` նորածնին մօրը վերադարձնելով: Յետո՞յ, դէ յետոյ երեխան կը մեծանայ` ամէն մէկից մի բան «վերցնելով»:

Երեւանս` լուսադէմին` չասֆալտած ճանապարհով գնացող, լուսացոյցերի տակ որոշ ժամանակ սպասող, քիթն ապակուն կպցրած` 250.000 դրամանոց պլուզներին զարմանքով նայող, մուրացիկների հետ մի բաժակ դառը սուրճ խմող, թաքսու վարորդներին քնից արթնացնող ու ինչքան էլ լուացուող, մէկ է, չվերանորոգուած տան նման միշտ թափթփուածի տպաւորութիւն թողնող ու անընդհատ հոսող` դէպի կէսօր, երեկոյ, յաջորդ լուսաբաց:

 

 

Հայոց Ցեղասպանութեան Ականատես Սառա Աարոնսոնը Լրտես Է Դառնում Եւ Բրիտանացիներին Օգնում` Պարտութեան Մատնել Օսմանեան Կայսրութեանը

$
0
0

Անգլերէնից թարգմանեց
ԱՆԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԸ

Երբ ես չորրորդ դասարանում էի, դասարանս զիխրոն Եաաքով (քաղաք Իսրայէլում, որը տուեալ ժամանակաշրջանում գտնւում էր Օսմանեան կայսրութեան տարածքում, «Ակունք»-ի խմբ.) շրջայցի տարան, որպէսզի այցելենք Սառա Աարոնսոն անունով մի կնոջ տուն: Մեզ ասել էին, որ նա հրեայ մեծ հերոսուհի է, սակայն մանրամասները դիտաւորեալ կերպով անորոշ էին թողել: «Նա լրտես է եղել,- խորհրդաւոր կերպով ասաց մեզ մեր ուսուցիչը, եւ զոհուել է` յանուն մեր երկրի»:

Այն, ինչ արել է նա, եղել է հարիւր տարի առաջ, այս նոյն շաբաթուայ մէջ: Սակայն նրա հերոսութիւնը մնում է եզակի, որի մասին, ցաւօք, շատ հազուադէպ են պատմում: Նա եղել է նուիրեալ ֆեմինիստ, հպարտ սիոնական, եւ Հայոց ցեղասպանութեան վկաներից, ով համարձակուել է խօսել կատարուած վայրագութիւնների մասին:

Նա ծնուել է 1890 թ. ռումինացի ներգաղթեալների ընտանիքում, ովքեր, որպէս սիոնականութեան կողմնակիցներ, օգնել են հիմնադրել Զիխրոն Եաաքովը: Երբ մեծանում է, սովորում է գիւղատնտեսութեամբ զբաղուել, ձի քշել ու կրակել: 1914 թ. ամուսնանում է հարուստ առեւտրական Հայիմ Աւրահամի հետ ու նրա հետ միասին գնում Թուրքիա, որտեղ Հայիմը զբաղւում էր առեւտրով: Բայց Սառային չի բաւարարում լոկ ոեւէ մէկի կինը լինելու կարգավիճակը: Նա լքում է ամուսնուն եւ ճանապարհ ընկնում դէպի տուն` իր հայրական ագարակ: Այն, ինչ տեսնում է  իր ճանապարհին, փոխում է  կեանքը:

«Հէնց իր աչքի առջեւ տեսնում է թուրքերի կողմից կտտանքների ենթարկուող հայերին,- իր օրագրում գրում է նրա եղբայր Աարոնը,- նա տեսնում է հայերի հազարաւոր դիակներ` գետնին փռուած, չթաղուած, շների կողմից յօշոտուած»:

Այս տեսարանն ամբողջութեամբ ցնցում է նրան, որից յետոյ երդւում է պայքարել թուրքերի դէմ` անհրաժեշտ բոլոր միջոցներով: Նա աշխատում է օգնել բրիտանացիներին` Օսմանեան կայսրութեան դէմ պայքարում:

Այդ շրջանը կատարեալ էր նրա գործունէութեան համար եղբայրը եւ եղբօր ընկերները դեռ նոր էին հիմնադրել ընդյատակեայ մի շարժում, որի նպատակը եւս Օսմանեան կայսրութեան դէմ պայքարն էր: Այն կոչւում էր` ՆԻԼԻ (հրէական յապաւում` NILY Netzach Israel Lo Yeshaker, կամ`  Իսրայէլի Յաւերժութիւնը (Աստուած) չի խաբի): Այն լրտեսների ցանց էր, որը տեղեկութիւն էր հաւաքում Պաղեստինում օսմանեան զօրքերի տեղաշարժի մասին եւ  դրանք ուղարկում  բրիտանացիներին:

Սկզբնական շրջանում տեղեկութիւնները փոխանցւում էին ձեռքից ձեռք. խմբի անդամներից մէկը լողում էր դէպի Ատլիտ քաղաքի ծովափին գտնուող մի փոքր զբօսանաւ, ուր տանում էր իր տեղեկութիւնները, իսկ այնտեղից վերցնում էր գումարը, որը Ամերիկայում ապրող հրեաները հաւաքում էին, որպէսզի օգնեն Մեծն Իսրայէլի (Eretz Yisrael) պաշարման մէջ գտնուող ու սովի մատնուած հրեաներին:

Շուտով, այնուամենայնիւ, թուրքերը սկսում են կասկածել, որ ինչ-որ բան է տեղի ունենում, եւ զգուշացնում են Պաղեստինի հրեաներին` չմիջամտել պատերազմին, թէ չէ նրանք էլ կ՛արժանանան նոյն ճակատագրին, ինչ` հայերը: Շատերը վախենում են սպառնալիքներից, բայց ոչ` Աարոնսոնն ու նրա զինակից ընկերները: Մանրամասն զննուած ջրափնեայ գծով նրանք փոստատար աղաւնիներ էին բաց թողնում: Այս համակարգն էլ է լաւ աշխատում, մինչեւ որ սա էլ է բացայայտւում. 1917 թ. սեպտեմբերին թուրքերը  բռնում են թռչուններից մէկին:

ՆԻԼԻ-ի անդամներից մէկը ձերբակալւում է եւ դաժան ծեծի ենթարկւում: Աարոնսոնի հետ կապի մէջ եղած բրիտանացիները նրան  խորհուրդ են տալիս  անմիջապէս լքել Պաղեստինը եւ առաջարկում նաւով ճանապարհ ընկնել: Բայց վերջինս մերժում է այդ առաջարկը` ասելով, որ չի լքի Պաղեստինը, մինչեւ իր ընկերները ապահով չտեղափոխուեն այնտեղից:

Մի քանի շաբաթ անց` Սուկոտի նախօրէին, թուրք զինուորները գրոհում են Զիխրոն Եաաքովը: Նրանք ձերբակալում են Աարոնսոնին եւ չորս օր դաժանօրէն տանջում: Սակայն նա ոչինչ չի ասում` չմատնելով իր ընկերներից եւ ոչ մէկին: Վերջիվերջոյ, թուրքերը դադարում են տանջել նրան եւ  տեղեկացնում, որ նա տեղափոխուելու է Դամասկոս եւ անյապաղ կախաղան է բարձրացուելու: Աարոնսոնն անվրդով կերպով  խնդրում է կանգ առնել իր տան մօտ եւ թոյլ տալ իրեն ճանապարհորդութիւնից առաջ լոգանք ընդունել, մաքուր շորեր հագնել: Թուրքերը, ոչինչ չկասկածելով, թոյլ են տալիս: Աարոնսոնի լոգարանի դրան վերեւի մասում զէնք է թաքցուած լինում: Հէնց որ մենակ է մնում, արագօրէն վերցնում է զէնքն ու ինքնասպան լինում:

Նա միանգամից  չի մահանում: Երեք օր  մահամերձ պառկած է մնում հիւանդանոցի մահճակալին: Իր վերջին, հապշտապ կերպով  գրուած նամակում (քանի որ թուրք զինուորները նրա դուռը ծեծելով` փորձում էին ջարդել)  պարզապէս խնդրում է վրէժ լուծել իր մահուան համար: Նա մահանում է 1917 թ. հոկտեմբերի 9-ին, 27 տարեկան հասակում:

Նրա մահից երկու ամիս  եւ երկու օր անց բրիտանացի զօրավար Էտմունտ Ալեմպին մտնում է Երուսաղէմ` Աարոնսոնի զոհաբերութեանը տալով համարժէք հանգուցալուծում եւ եւս մէկ անգամ ապացուցելով, որ անհնար է պատկերացնել, թէ մարդ ինչերի կարող է հասնել, երբ լուռ չի մնում ու պայքարում է  ահաբեկչութեան դէմ:

100 Years Ago, a Jewish Heroine Became an Early Martyr for Human Rights

«Ակունք»

 

Խմբագրական. Լիբանանահայ Ցանցային Աշխարհը` 20 Նոյեմբերին Ընդառաջ

$
0
0

Վարչապետ Հարիրիի հրաժարականը յանկարծակիութեան գործօնով անակնկալի բերաւ ո՛չ միայն լիբանանեան պետական-քաղաքական-հասարակական դաշտը, այլ նաեւ շրջանային թէ միջազգային մակարդակի վրայ տարատեսակ վերլուծումներու առաջնորդող մեկնաբանութիւններու դուռ բացաւ:

Յառաջիկայ օրերը աւելի լոյս կը սփռեն առնուած քայլին բուն դրդապատճառներուն վրայ եւ այդ առումով աճապարանքով բացարձակ հաստատումներու, ուղղակի վերագրումներու եւ ամրագրուող եզրայանգումներու պէտք չէ տեղի տալ:

Լիբանանեան մակարդակի վրայ կան նախադրեալներ` չխախտելու համալիբանանեան ընդհանուր համաձայնական մթնոլորտը, հանգուցալուծումներու յաջորդական փուլերու անցնող շղթայի գործողութիւնները եւ մանաւանդ սահմանադրական պարապութիւն չստեղծելու համար հսկայական ճիգերով ի գործ դրուած եւ հետզհետէ արդիւնաւորուող համակողմանի վարքագիծը:

Այս առումով ալ լիբանանեան բոլոր կողմերը պիտի շարունակեն թիրախային թուական նկատել մայիս 2018-ը` սահմանադրական նոյն ընթացակարգէն չշեղելու եւ օրէնսդիր ժողովին հետ կապուած երեսփոխանական ընտրութիւնները որոշուած ժամանակին կայացնելու համար:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն հետ կապուած նախընտրական արշաւի նախաբանները կը հրապարակուին հետզհետէ: Այժմ իբրեւ լիբանանահայ համայնք մենք` իբրեւ Դաշնակցութիւն, իբրեւ քաղաքական կեանքին կարեւոր բաղադրիչ ուժ եւ մանաւանդ այս պարագային իբրեւ աշխարհատարած կուսակցութիւն անմիջական նպատակ ունինք ընձեռուած առիթը լիարժէքօրէն օգտագործելու:

Խօսքը կը վերաբերի արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան բացառիկ իրաւունքին, որուն օրինականացումը  Դաշնակցութեան առաջադրանքն էր եւ անոր կողմէ հետապնդուած առաջադրանք:

Լիբանան ունի մեծաթիւ սփիւռք: Այս օրէնքը  Լիբանանի աշխարհասփիւռ քաղաքացիները իրենց հայրենիքի քաղաքական եւ հասարակական կեանքին մասնակից դարձնելու իրաւական քայլ է: Ծրագրումի եւ պատկանելիութեան ամրագրման խթան հանդիսացող միջոց, որ կրնայ շրջել ժամանակի, աշխարհագրական հեռաւորութեան եւ տարբեր հանգամանքներով իրերայաջորդ սերունդներու մօտ երեւոյթի վերածուած անհաղորդ մնալու իրավիճակը:

Մեզի համար սակայն այս բոլորով հանդերձ, հիմնական նշանակութիւն ունի աշխարհատարած լիբանանահայութեան մեծաթիւ մասնակցութեան ամրագրումը: Լիբանանահայ սփիւռքը այսօր շնչաւորած է յատկապէս այն համայնքները, ուր թթուածինի նման կը զգացուէր մարդուժի համալրման պահանջը:

Դասական սփիւռքի այն գաղթօճախները, որոնք վերաթարմացում ապրած են, նոր զսպանակումներով կազմակերպած  են հայ կեանքի բոլոր բաղադրիչ հաստատութիւնները, հիմնականին մէջ կը պարտին լիբանանահայ սփիւռքին:

Այժմ անհրաժեշտ է, որ լիբանանահայ սփիւռքը վերստին իր հայեացքները սեւեռէ այդ միջնաբերդին, կեդրոնական գաղութին` վերաամրագրելու համար կենսասիւները, մարդուժի արտադրողականութեամբ յատկանշուող միջավայրը: Զարգացման ընթացքի շղթայի օղակները փոխկապակցուած են: Քաղաքական հզօր ներկայութիւն կ՛ենթադրէ իրաւունքներու պահպանման հզօր միջոց, քաղաքական գործօնի կենսունակութիւնը իր կարգին կ՛ապահովէ գործնական միջոցներ` հայեցի կազմակերպ կեանքի համար անհրաժեշտ բոլոր ստորոգելիները կայացնելու համար:

Միջնաբերդի սիւները վերաամրագրելու գործողութեան պիտի նպաստէ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արտերկրի լիբանանահայերու մեծաթիւ մասնակցութիւնը: Բայց ոչ միայն:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն արտալիբանանեան միջավայրերէ մասնակցութեան այս կարելիութիւնը լաւագոյն առիթն է մեր աշխարհատարած ներկայութիւնը եւ հաւաքական ուժը փաստելու:

Ցանցային աշխարհը այսօր կը գործէ նորարար կանոններով: Ամէն աշխատանք այսօրուան դրութեամբ կը գլէ ու կ՛անցնի բոլոր աշխարհագրական ու ժամանակի սահմանները եւ կը ստեղծէ հորիզոնական կապեր: Ցանցային իրավիճակը այսօրուան աշխատելաոճի ամէնէն արդիական հնչեղութիւնը ունի եւ տարբեր ոլորտներու համար կ՛օգտագործուի իբրեւ թէ՛ նորարար եւ թէ՛ արդիւնաւէտութիւն ապահովող եղանակ:

Ցանցային աշխատելաոճի ամէնէն պարարտ ենթահողը, բոլոր նախադրեալները ամբողջացնողը բոլորէն աւելի ունի հայկական աշխարհը: Այս պարագային` լիբանանահայ աշխարհը:

Լիբանանահայ ցանցային աշխարհը քաղաքական, ռազմավարական բոլոր պատճառները ունի լիարժէք աշխատելու: Աշխարհատարած ուժ եւ կազմակերպուածութիւն ցոյց տալու: Համախմբուածութեան եզակի օրինակ փաստելու: Կեդրոնական համայնքի կենսասիւները ամրագրելով սփիւռքին նոր կենսատու ուժ փոխանցելու եւ այդ ճամբով հայրենիքի հզօրացման նպաստելու:


Նիւ Եորքցի Հայ Երիտասարդը

$
0
0

Ռ. Հ.

Խմբագրատան ընկերները վարէն հեռաձայնով յայտնեցին, որ ամերիկահայ երիտասարդ մը այցելութեան եկած էր եւ կ՛ուզէր զիս տեսնել: Նիւ Եորքէն: Կրնայի՞ զինքը ընդունիլ:

– Թող հրամէ,- ըսի:

Երկու վայրկեան վերջ սենեակէս ներս առաջնորդեցին հազիւ քսան-քսան մէկ տարեկան երիտասարդ մը` բարձրահասակ, սուր ու հեգնական նայուածքով, ճինզ տաբատով եւ երկու ականջներուն վրայ մէկմէկ օղ դրած:

Չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ յանկարծ յոռի տպաւորութիւն գործեց վրաս, զղջացի այս երիտասարդը ընդունելուս համար: Հաւանաբար երկու օղերն էին, որ ժխտական տպաւորութիւն գործած էին իմ վրայ: Երիտաարդը սուր ժպիտով մօտեցաւ ու առանց բառ արտասանելու` ձեռքս սեղմեց:

– Հայերէն կը խօսի՞ք,- հարցուցի, հարցում մը, զոր քիչերուն կ՛ուղղեմ:

Երիտասարդը նոյն ժպիտով ու քաղաքավար հաստատումով մը պատասխանեց.

– Հարկաւ, ինչո՞ւ պիտի չխօսինք:

Հանգստացայ:

Կեանքիս մէջ թերեւս առաջին անգամ էր, որ կը խօսէի հայ երիտասարդի մը հետ, որուն ականջներուն վրայ մէկմէկ օղ կար: Շուտով անդրադարձայ, որ նիւեորքցի մեր երիտասարդը շատ լաւ ու շատ սահուն կերպով կը խօսէր հայերէնը, քաղաքավար ու հասուն տղայ մըն էր, իր խօսքերը կշիռ ու տպաւորիչ շեշտ մը ունէին: Զգացի, որ այս երիտասարդը հետզհետէ կը գրաւէր զիս, համակրանքի ալիքով մը կը կապուէի անոր:

– Մայրս պատուիրեց, որ Պոլսոյ մէջ անպայման ձեր մօտ գամ, ձեզի յարգանք յայտնեմ ու ձեզի հետ ծանօթանամ,- ըսաւ, երբ ան խօսքի սկսաւ:

Մօրը անունը հարցուցի, տուաւ: Չէի ճանչնար այդ անունը:

– Ձեր մայրը պոլսեցի՞ է,- հարցուցի ակամայ:

– Ո՛չ,- պատասխանեց,- մենք Հայաստանէն արտագաղթած ենք: Ես չորս տարեկան էի, երբ ծնողներս Ամերիկա գաղթեցին: Բայց մայրս սփիւռքի մամուլին լաւ կը հետեւի ու ձեզ լաւ կը ճանչնայ, ուստի ուզեց, որ անպայման ծանօթանամ ձեզի հետ: Մայրս շարունակ հայերէն կը կարդայ: Մեր մանկութեան շրջանին, ամէն իրիկուն մեզ իր շուրջ կը հաւաքէր ու մեզի հայերէն կը կարդար:

Ահաւասիկ երիտասարդ մը եւս, որ օտար ափերու վրայ շատ բան առած էր իր ծնողքէն, մտածեցի: Սրտիս մէջ ջերմութիւն մը, երախտապարտութեան զգացում մը ծնունդ առաւ այդ անծանօթ կնոջ նկատմամբ, որ այս արդիապաշտ հայ երիտասարդին հոգիին խորը ողջ պահած էր մայրենի լեզուի ու արմատներու նկատմամբ սէրն ու յարգանքը: Հիմա այլեւս չէի տեսներ երիտասարդին ականջներուն օղերը, ընդհակառա՛կը, շատ համակրելի կը գտնէի զինքը եւ` հաղորդական:

– Մենք Նիւ Եորքի մէջ ինքնաշարժի պահեստի կտորներ կը վաճառենք., ըսաւ երիտասարդը:- Բայց ես համալսարանի մէջ փիլիսոփայութիւն ուսած եմ: Հայրս պայման դրած էր, որ համալսարանը աւարտեմ: Նախ զարգացիր, ապա եթէ կ՛ուզես փողոցը պանիր ծախէ, կ՛ըսէր ինծի: Ես ալ համալսարանը աւարտեցի:

– Ուրեմն պաշտօնակից կը նկատուինք,- պատասխանեցի ժպտելով,- քանի որ ես ալ փիլիսոփայութիւն ուսանած եմ համալսարանին մէջ:

Երիտասարդին աչքերը փայլեցան, գոհունակութիւն արտայայտեց: Այնուհետեւ մեր խօսակցութիւնը հուն փոխեց, ու սկսանք խօսակցիլ հայկական նիւթերու շուրջ: Յայտնուեցաւ, որ ան վերջերս գացած էր նաեւ Հայաստան ու մեծապէս տառապած էր տեսնելով, որ դիմացը ելլողը, բարեւ տուողը արտագաղթի մասին կը մտածէր: Այս պարագան շատ յուզած էր զինքը:

– Բայց չէի կրնար մեղադրել,- շարունակեց մեր հիւրը: – Մենք ալ արտագաղթած մարդիկ էինք: Երկրին մէջ պայմանները դիւրին չէին: Ցաւալի, շա՛տ ցաւալի է, ո՞վ տէր պիտի կանգնի հայրենիքին:

Յետոյ կարծիքներ արտայայտեց երկրին ապագային մասին, եւ տեսայ, որ այս երիտասարդը շատ առողջ գաղափարներ ունէր:

Աստուա՜ծ իմ, մտածեցի, ահաւասիկ, երբեք իրաւունք չունինք արհամարհելու մեր երիտասարդները, նոյնիսկ եթէ անոնք մէկմէկ օղ անցընեն իրենց ականջներուն: Որքա՜ն ուրախ եմ, որ այս երիտասարդը եկաւ մեր մօտ ու ճանչցայ զինքը:

Երբ կը պատրաստուէր մեկնիլ, գիրքերէս մէկը մակագրեցի իր մօրը անուան եւ խնդրեցի, որ ատիկա իբրեւ նուէր տանի իր մօրը:

– Անցեալ ամիս Նիւ Եորք էի, նոյնիսկ հոն բանախօսութիւն մը տուի, երա՜նի թէ ձեր մայրը ճանչնայի,- ըսի:

Գիրքը առաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց ու աչքերուս մէջ ուշադրութեամբ նայեցաւ.

– Երբեք մօրս պիտի չըսեմ, որ անցեալ ամիս Նիւ Եորք էիք,- պատասխանեց, որովհետեւ շա՜տ, շա՛տ պիտի ցաւի ձեզի լսած չըլլալուն համար:

Յետոյ շնորհակալութիւն յայտնեց ու հեռացաւ:

Երկա՜ր ու երկար նայեցայ այդ երիտասարդին ետեւէն:

Հիմա քիչ մը աւելի խանդավառութեամբ պիտի շարունակէի աշխատիլ:

 

 

Հայաստանի Նոր Իրականութիւնը Խղճի Աչքերով

$
0
0

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

Վերջաբան

Հայաստանի հարցերը հոս չեն սկսիր, ոչ ալ հոս կը վերջանան: Ուսանողներու բոլոր մատնանշումներն ու հարազատ անձկութեամբ դրսեւորուած մտահոգութիւններու վերլուծումները հանդիսադրելը, թերեւս, մեր թերթէն քանի մը շարունակութիւններու յաւելեալ կարիքը զգացուէր: Հոս կը կենամ: Բաւական է այսքանը:

Մեր առօրեայ բազմապիսի ու բազմագոյն հարցերու մասին դեռ արտայայտուեցան` Նունէն, Լենան, Վաչականը, Շահէնը, Շաւարշը, քահանայ մը, Նարէն, Ռատիկը, Նաղաշը, Ճուլիեթան եւ ուրիշներ: Բոլորին շնորհակալ եմ: Անոնք հարստացուցին գիտելիքներս, վերապրեցուցին մտահոգութիւններս, ազգային ապրումներս` իրենց ստեղծագործ  մտորումներով, գործնապաշտ, իրապաշտ, գաղափարապաշտ: Ի՛նչ ալ ըլլայ, ստեղծագործութիւնը, որեւէ ստեղծագործութիւն, նախ կը պատկանի ազգին, ապա` իր ստեղծարար զաւակներուն:

Այս հանդիպումը իսկական բարիք մըն էր: Հայերը աւանդաբար կը հաւատան ու կ՛ըսեն` «Չկայ չարիք` առանց բարիքի», կամ` «Չկայ բարիք` առանց չարիքի», փորձելով գտնել իրենց ապրած ժամանակին իմաստն ու հաւասարակշռութիւնները:

Թո՛ղ ուսանողները չկարծեն, որ իրենց ըսածները պիտի չնշեմ: Բացարձակապէ՛ս. յիշողութեան պակասէ չեմ տառապած երբեք եւ որեւէ՛ պարագայի թոյլ պիտի չտամ, որ ժողովրդավարական զգացումներս աղքատանան իմ ներաշխարհիս մէջ:

Յաճախ կը մտածեմ. որքա՜ն պատահական մարդերով լեցուած է մեր կեանքը, եւ միաժամանակ` որքա՜ն տաղանդաւորներով ու արժէքաւորներով: Մարդիկ կան, որոնք մէկ ակնթարթով յարգանքիդ կ’արժանանան. մարդիկ ալ կան, որ …

Մեր կեանքի հաւասարակշռութիւններն ու ներդաշնակութիւնները ազգային գերագոյն յատկանիշի պէտք է վերածենք: Այլապէս, ժամանակը կը սառչի եւ կը սառեցնէ. արդիւնք` բան չի յառաջանար:

Այսքան, որպէսզի հայրենասիրական քարոզներով չշարունակենք ու դիւրին հռետորութեան նմուշներու զոհ չերթանք:

Հայու ինքնութեան պահպանումը աւելի քան կենսական է, ոչ միայն սփիւռքի, ոչ միայն անհամեմատօրէն զարգացող նոր սփիւռքի, այլ նաեւ` Հայաստանի համար: Այս գործին մէջ խոհեմ դերակատարութիւն ունին Հայաստանի շուրջ 17.000 դաստիարակները, որպէսզի լոյսը աւելի զօրաւոր դարձնեն խաւարէն ու խաւարամտութենէն: Անոնք պէտք է վայելեն պետութեան ազգային քաղաքական քաջալերանքը եւ մղումը:

Հայաստանը պէտք է լաւ հասկնայ, որ սփիւռքի հարցը միայն հայապահպանումը չէ: Հայապահպանումն ալ, սակայն, պէտք է կատարուի ժամանակակից դաստիարակչական կշիռով ու նոր տարազաւորումի մը սրսկումով, որպէսզի կազմաւորուի հայու նորօրեայ շեշտուած դիմագիծը:

Հարց տանք սակայն. սփիւռքի մէջ մեր հասկցած հայրենասիրութիւնը հասունցնելու կազմաւորուած ու թիրախաւորուած մշակոյթ ունի՞նք: Կ՛ըսեմ այս, քանի տարբեր տեսակէտ մըն ալ կայ, ըստ որուն, սփիւռքահայուն մէջ կուտակուած են հայութենէ բխող տարբեր ու տարբեր ազգային նորօրինակ բարդոյթներ, որոնք արգելք կը հանդիսանան այդ մշակոյթի հեզասահ զարգացումին: Ի՛նչ ալ ըլլայ, Հայաստանը երկուքի պէտք չէ բաժնուի, մինչեւ որ հայրենիքը նոր ժամանակներու մէջ իր ժողովրդավարական ճիշդ քայլերու հաւասարակշռութիւնը գտնէ: Վստահաբար պիտի տանք այդ ժամանակը յոյսով, այլ նաեւ` հանդուրժողութեամբ, հակառակ որ մենք` հայերս, ի բնէ թերահաւատ ենք նկարագրով, ինչ որ երբեմն լաւ է ու ճիշդ, երբեմն ալ` չափազանցուած համեմատութիւններով:

Հայը` հայուն համար, հայը` հայով, հայը` հայութեամբ ու հայրենիքով, առանց անշուշտ այս խօսքերուն տալու լոզունգային պարզ ու ընթացիկ իմաստ ու նշանակութիւն, այլ` ժամանակակից հայկական ինքնութեան սահմանում ու հեռանկար:

Հայաստանը լուրջ օրակարգի վրայ պէտք է բերէ ու վերլուծէ սփիւռքի ու սփիւռքահայու հայաթափումի, լեզուական անկումի եւ ընդհանրապէս իր ազգային նահանջողականութեան հիմնական ու երկրորդական հարցերը, պատճառները, երեւցող ու չերեւցող մտահոգութիւնները: Ամէն նորութիւն սկիզբը անիրականանալի ոդիսական մը համարուած է մեր կեանքին մէջ, բայց յետոյ, ժամանակի ընթացքին, ճամբան լաւապէս հարթուած է` մրցունակ համեմատութիւններու տուեալներ յառաջացնելով դէպի ապագայ:

Հայրենիքը հայրենասիրութիւն կը ստեղծէ, հայրենասիրութիւնն ալ` հայրենիք: Ինչպէս` որեւէ բանի վերջաւորութեան սկիզբը, կամ` սկիզբին վերջաւորութիւնը: Բայց հայերուն համար հայու ժամանակը կայ. ի՛նք դժբախտաբար բացակայ է… Մենք ի՞նչ կ՛ընենք այդ ժամանակին համար: Ի՞նչ ըրած ենք մինչեւ հիմա: Անշուշտ ոեւէ մէկը հաւատաքննութեան կանչելու միտում չկայ: Զգուշ ըլլանք նախ, որ հայրենասիրութեան առընթեր, արտագաղթը չքրէականացնենք:

Հայու պատմութիւնը հայու մարդկային կեանքին պատմութիւնն է. ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ: Մէկը կը լրացնէ միւսը` փոխադարձութեան կանոնով: Իւրաքանչիւրը կը խաղայ իր դերը` հասկցած ու իր չհասկցած ձեւով, եթէ այս մէկը բան մը կը նշանակէ ուղղակի, կամ անուղղակի հասկնալու ու չհասկնալ ուզողներուն համար:

Հայու ներքին կապուածութեան կառոյցը տարբեր է այլ ազգերու մօտակայ թէ հեռակայ կապուածութենէն: Հայու կապուածութեան մէջ իւրօրինակ ու զգացապաշտական «ազգայնամոլութիւն» մը կը դրսեւորուի յաճախ, ամէն անգամ որ հայեր իրարու կը հանդիպին: Ասիկա` հայու ազնուական «քարիքաթուրան» (ծաղրանկար)ն է, որ արտասահմանի մէջ կրնայ երկար խօսիլ Երեւանի կլկլակներու սառն ջուրին ու հազար ու մէկ այլ բաներու մասին:

Ի՛նչ որ կ՛ապրի հայը, իր պատմական արմատներու օղակներուն հետ կապ ունի: Եթէ չփնտռուած հայկական արխիւներ ստուգենք, գանձեր պիտի գտնենք անոնց մէջ, գանձեր, որոնք դժբախտաբար չեն արժեւորուիր, եւ զանոնք արժեւորելու ալ որեւէ ծրագիր կամ հեռանկար չկայ:

Պրեխտը կ՛ըսէր. մի՛ մտածեր փարաւոններու մասին, երբ բուրգերը կը տեսնես. մտածէ արհեստաւորներու մասին, որոնք ատոնք հիւսեցին: Ե՛ւ ստրուկներուն` պիտի աւելցնէի ես:

Հայերս չենք ուզեր, որ մեր քաղաքակրթութիւնը թանգարան ըլլայ, թանգարան մնայ: Հայկական հարուստ քաղաքակրթութիւն կայ, կը բաւէ, որ փնտռենք, գտնենք, տիրանանք անոր ու վերակենդանացնենք անոնց արժէքները: Մեր հին արժէքներէն որքանի՞ն տիրացանք ու պահպանեցինք: Քաղաքակրթութիւնը կը սորվեցնէ, այն ինչ որ ուրիշներ չեն դասաւանդեր մեր գրաւոր ու մանրամասն ժառանգութենէն: Եկէք` քաղաքական այլցհայմերէ չվարակուինք:

Եկէ՛ք` խօսինք, իրական բաներու մասին ալ: Ամէնէն գէշ հայրենիքը այն է, որ մեր մէջը չէ, կամ այն, որ մեր մէջէն դուրս եկած է, արմատախիլ եղած է, ու մենք զայն կը դիմագրաւենք արհեստական լռութեամբ ու համակերպումով:

Ասկէ աւելի նուազ բան չեմ կրնար երեւակայել: Ամէն տեղ փաղաքշական խօսքեր արտայայտելը մեզ տեղ չի հասցներ: Հայրենիքի մասին խօսելով` պիտի խօսինք բաց, անկեղծ ու հեզասահ ոճով, ոչ անպայման` կմկմալով ու բառերը ծամծմելով:

Այս բոլորէն ետք կը թուի, թէ հայու վիճակագրութիւնները պէտք է աւելի ճիշդ կարդացուին մեր գնահատումներուն մէջ չձախողելու համար:

(Շար. 5 եւ վերջ)

Մեր Իրագործումները Եւ Խնդիրները (Դ.). Պահպանե՛նք Կարիքաւորին Արժանապատուութիւնը Եւ Գնահատե՛նք Մեր Կառոյցներուն Ներդրումը

$
0
0

ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Լիբանանեան մամուլի եւ ընկերային ցանցերու ճամբով լրագրողներ ու «աքթիւիսթ»-ներ սկսած են լուսարձակի տակ առնել ընկերատնտեսական եւ առողջապահական վիճակները` կարիքաւոր պարագաներուն կացութիւնները ներկայացնելով հանրութեան: Անոնք կը լուսանկարեն, էջեր կը լեցնեն, կը մեկնաբանեն եւ, տակաւին, այնպիսի մթնոլորտ կը ստեղծեն, որ կարիքաւոր պարագան հասնի գերզգայուն վիճակի եւ նոյնիսկ արցունքներ թափէ, որպէսզի տեղեկագրութիւնը առաւել եւս «ազդեցիկ» դառնայ: Ո՞վ կ’ուզէ դժուարին պայմաններուն մէջ լուսանկարուիլ` իր վատ պայմանները դարձնելով հասարակութեան սեփականութիւնը: Վստահաբար` ոչ մէկը: Այս ընթացքը ենթակայի հոգեվիճակի եւ կացութեան շահագործում է:

Եւ տակաւին, հայ կարիքաւորներ ներկայացնելու վիճակները պէտք չէ դիտել բարեսիրական մարմաջներ ունենալու եւ «լուր հասցնելու» դիտակէտէն, այլ պէտք է տեսնել խորքը ու մարդկայինէն անդին` քաղաքական նպատակները, փորձելով թերագնահատել եւ արժեզրկել լիբանանահայ կառոյցներուն կատարած աշխատանքը եւ աղաւաղելու լիբանանահայ կառոյցներուն ծառայողական դիմագիծը ու ցոյց տալու, որ կարիքաւոր հայորդիները անտուն եւ անտէր մնացած են ու ազգային կառոյցները համապատասխան հոգատարութիւն եւ գուրգուրանք չեն ցուցաբերեր:

Այս բոլորը կը կատարեն, որպէսզի հասարակութիւնը ըսէ, որ` «կառոյցները բան մը չեն ըներ», եւ ուրիշներ ալ համարձակութիւնը ունենան ըսելու, որ` «եկած դրամն ալ արդէն կ՛ուտեն…»:

ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու ընկերուհիները իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս կը դնեն, որպէսզի իւրաքանչիւր շրջանի մէջ հասնին տասնեակ ընտանիքներու կարիքներուն` նիւթապէս ու բարոյապէս աջակցելով դժուարին պայմաններու մէջ ապրող պարագաներու: ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը, «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ը, «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը եւ դեռ «Նարեկացի Տիրամօր կեդրոն»-ը օրական հարիւրաւոր հայորդիներու սպասարկութիւններ կը մատուցեն, ընկերային հարցերը կը քննեն, նիւթական կ’ապահովեն, կրթաթոշակ կը վճարեն, գիրք-պայուսակ կ’առնեն, դեղորայք կը տրամադրեն: Այսօր հարիւրաւոր աշակերտներ նուազագոյն նիւթականով ուսում կը ստանան հայկական վարժարաններու մէջ, եւ ծախսերու բեռը կը ստանձնեն մեր դպրոցներուն շուրջ համախմբուած բարերարները, բազմաթիւ ֆոնտերը եւ կառոյցներու նիւթական ապահովող նախաձեռնութիւնները:

Տակաւին, Ազգային ինքնութեան ֆոնտերը, իրենց եզակի բնոյթով յաւելեալ ժպիտ կը պարգեւեն նորապսակներուն, համալսարանականներուն, երրորդ զաւակ ունեցողներուն, մկրտուողներուն… Անդին` Երեսփոխանական գրասենեակը օրական տասնեակ պարագաներու հարցերը կը քննէ եւ համապատասխան օժանդակութիւնները կը տրամադրէ: Դեռ, ԱՖՀԻԼ-ը բազմաթիւ կարիքաւորներու կ’ապահովէ բազմատեսակ սպասարկութիւններ: Անդին` «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտը արդէն շատերուն իրողապէս կեանքի փրկարարը հանդիսացած է… Եւ շարքը երկար է…

Անցնող օրերուն «Նահար» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած ակնարկը, ատկէ առաջ ալ քանի մը այլ գրութիւններ եւ այստեղ ու այնտեղ դիմատետրեան գրառումներ չեն կրնար կերպարանափոխել մեր կառոյցներուն իսկական դիմագիծը եւ թերագնահատել անոնց դերը:

Ընդունինք, որ մեր հայորդիները ոչ մէկ ատեն մէջտեղ մնացած են: Փաստը այն է, որ ոչ մէկ հայ մուրացկանի կը հանդիպինք փողոցը: Իսկ եթէ կան նման պարագաներ, ապա պարզապէս տեղեակ պահելով` անպայմանօրէն անոնք պէտք եղած օժանդակութիւնն ու զօրակցութիւնը կը ստանան: Անտեղեակութիւնը կարելի չէ վերագրել անտարբերութեան: Առաւել խոցելին այն է, որ հայեր իրենք իսկ այսպիսի երեւոյթներ կ’օգտագործեն «լուր» տարածելու եւ այսպէս կոչուած` «առաջատար մարդասէր» ըլլալու պիտակը կրելու, մինչդեռ անոնք կամուրջ պէտք է հանդիսանան պարագաներուն եւ կառոյցներուն միջեւ:

Երկրի ընկերատնտեսական վիճակին պատճառով պահանջներուն եւ կարելիութիւններուն միջեւ առկայ համեմատութիւնները փոխուած են, դժուարութիւններն ու արգելքները բազմացած են, սակայն մեր կառոյցները իրենց կարելին կը կատարեն, որպէսզի օգտակար հանդիսանան մեր հայորդիներուն: Հարկ է գնահատել մեր կառոյցներուն ներդրումը եւ մասնակից դառնալ նորանոր իրագործումներու արձանագրութեան` ըստ կարելւոյն զօրակցելով ծրագիրներուն:

Տարեկան դրութեամբ, հազարաւոր ընտանիքներ օժանդակութիւն կը ստանան մեր կառոյցներէն, եւ սպասարկման զօրակցող անհատներն ու հաստատութիւնները հաւատքով, համոզումով, գիտակցութեամբ եւ նուիրումով կը կատարեն իրենց սրբազան պարտականութիւնն ու առաքելութիւնը: Վստահաբար յաւելեալ ծրագիրներու եւ յաւելեալ կազմակերպուածութեան ու բծախնդրութեան ակնկալութիւն ունենալը բնական պահանջ է, որ երբեք չ’արժեզրկեր նուիրական գործին տարողութիւնն ու արժէքը:

Աշխատանք մը, որ արեւու նման «անաղմուկ» է, բայց կը փայլի եւ «հովանոցներ»-ով չի ծածկուիր…

 

 

Հերթական Անհանգստութիւն Ազրպէյճանում

$
0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ
Քաղաքական վերլուծաբան

Այս անգամ Ազրպէյճան անհանգստութեան պատճառն ամենեւին էլ արցախեան զինուած ուժերի հնարաւոր յարձակումը կամ հակայարձակումը չէ հակամարտ զօրքերի շփման գծում:

Իրօք, դա այն անհանգստութիւնը չէ, որ Պաքուն ապրում էր 1993-ի ամրանը, երբ Արցախի պաշտպանութեան բանակի զօրամասերը, ազատագրելով հայրենի երկրամասի` մէկ տարի առաջ հակառակորդի կողմից զաւթուած տարածքները եւ շարունակելով հակայարձակումը, սրընթաց խորանում էին թշնամու թիկունքը` խուճապի մատնելով ինչպէս ազրպէյճանական զօրքերին, նոյնպէս եւ ողջ ազրպէյճանական հանրութեանը: Այդ օրերին անձամբ լսել եւ յիշում եմ ազրպէյճանական ռատիոյի լուրերի «Սահար», թարգմանաբար`  «Առաւօտ» ծրագրի ժամը 7:00-ի թողարկմանը տղամարդ հաղորդավարի մուտքի խօսքը: «Սիրելի՛ հայրենակիցներ,- ասում էր նա,- խնդրում եմ` հանգիստ մնացէք ձեր տներում` հայկական հրասայլերը դեռ Գըզ գալասի չեն հասել»: Գըզ գալասին, նախկին պաքուեցիները հաստատ յիշում են, Ազրպէյճանի մայրաքաղաքում` Կասպից ծովափնեայ Կոյսի աշտարակ կոչուող հին բերդային կառոյցն է: Ասել է, թէ` ազրպէյճանցի հաղորդավարը խուճապահար հայրենակիցներին նախազգուշացնում էր, թէ հայկական զօրքերը դեռեւս Պաքու չեն մտնել, երեւի թէ չգիտակցելով, որ այդպիսով իսկ աւելի է խորացնում համընդհանուր վախն ու սարսափը, հասկացնելով, թէ չի բացառւում նաեւ, որ արցախեան զօրքերը մայրաքաղաք մտնեն:

Դա նաեւ այն անհանգստութիւնը չէ, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւններին եւ, մանաւանդ, այդ արհեստածին երկրի լայն հանրութեանը համակել էր անցեալ տարուայ ապրիլեան կարճատեւ պատերազմի արդէն իսկ երկրորդ օրը: Ինչպէս յիշում էք, հերոսաբար դիմակայելով «պլից-քրիկի» սկզբունքով անսպասելի յարձակման անցած ազրպէյճանական զօրքերի ճնշումը, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի զօրամասերն արագօրէն վերադասաւորեցին ուժերը եւ անցան հակագրոհի: Արդիւնքում` հակառակորդի անհամեմատ գերակշիռ, սպառազէն ուժերը, զգալի կորուստներ կրելով, ետ շպրտուեցին մէկ օր առաջ գրաւած դիրքերի զգալի մասից: Մարտական գործողութիւնների յարակից շրջաններից դէպի Ազրպէյճանի խորքերը, ընդհուպ մինչեւ Պաքու ձգուող ճանապարհները, խճողուել, պատկերաւոր ասած,  խեղդւում էին խուճապահար ամբոխի յորձանքից, ինչպէս նաեւ` մանր եւ խոշոր  եղջերաւոր անասունների հոտերից ու նախիրներից: Ազրպէյճանական որոշ լրատուամիջոցներ, առանձնապէս` եւրոպական երկրներում գործող ընդդիմադիր ելեկտրոնային եւ տեսաձայնային աղբիւրները, հետագայում անդրադառնալով այդ օրերին Ազրպէյճանում տիրող խառնաշփոթ իրավիճակին, հաղորդում էին, որ հանրապետութեան մայրաքաղաքը մէկ-երկու օրուայ ընթացքում վերածուել էր անասունների հսկայական փարախի: Ի միջի այլոց նշեմ` տասնամեակների դիտարկումները ցոյց են տալիս, որ պատերազմի տարիներին անասունների առաջնահերթ տարհանումը միշտ էլ հրատապ խնդիր էր մարտական գործողութիւնների վայրերը լքող ազրպէյճանական բնակչութեան համար: Այդպէս էր Խոջալուի (ներկայիս` Իւանեան) պարագայում, երբ Արցախի ինքնապաշտպանութեան ջոկատների  օղակում յայտնուած այդ բնակավայրից ուղղաթիռներով, այսպէս ասած, «մեծ երկիր» էին տեղափոխում նախ եւ առաջ բնակիչների անասունները` դրանց տէրերին թողնելով բախտի քմահաճոյքին: Նոյնը կատարւում էր Լաչինի (Քաշաթաղի), Քելբաջարի (Շահումեանի), Աղդամի (Ակնայի), միւս չորս` մերձարաքսեայ շրջանների ազատագրման-յանձնման ժամանակ: Ըստ երեւոյթին, անելանելի վիճակում անգամ` ազրպէյճանական զանգուածը, հաւատարիմ մնալով խաշնարած նախնեաց հոգեբանութեանը, կճղակաւորների անվտանգութիւնը մշտապէս գերադասում է սեփական կեանքի ապահովութեանը:

Պահը, իրօք, Ազրպէյճանի համար անկանխատեսելի հետեւանքներով էր յագեցած, սանձազերծած պատերազմի համար նրա հատուցումը դարձել էր անխուսափելի եւ, հաշուի առնելով արցախեան ուժերի խորքային առաջխաղացման հաւանականութիւնը, Պաքուն ստիպուած էր խնդրանք-աղերսանքով դիմել Մոսկուայի միջամտութեանը: Եւ Քրեմլինը, որ, հաւատարիմ  «Բաժանի՛ր, որ տիրես» իր հին աւանդական սկզբունքին, «տոպրօ` բարի» էր ասել Պաքուի նոր յարձակման, ըստ երեւոյթին` նրան իր տրամադրած գերարդիական սպառազինութիւնը եւս մէկ անգամ իրական մարտական պայմաններում փորձարկելու նպատակով, այսպէս ասած` «տիրաբար յորդորեց» Երեւանին, իսկ վերջինիս միջոցով նաեւ Ստեփանակերտին` դադարեցնել հակագրոհը: Քրեմլինի յորդոր-հրահանգի շնորհիւ այն ժամանակ, իրօք, դադարեցուէին լայնածաւալ մարտական գործողութիւնները, եւ ապրիլի 5-ին, ժամը 12-ին հաղորդուեց, որ շտապ կերպով Մոսկուա հրաւիրուած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերի գլխաւոր սպայակոյտի պետերը զինադադար են կնքել:

Արդիւնքում` Քրեմլինը հաւաստեց, որ, նախ, զանգուածային ոչնչացման իր նոր զինատեսակները, իրօք, արդիւնաւէտ են գործում, եւ դրանք կարելի է վստահաբար շրջանառել աշխարհում` երաշխաւորելով այլ մեծահարուստ պատուիրատուների: Ապա հակամարտ կողմերին եւս մէկ անգամ մատնանշեց, որ, անկախ վերջին քառորդ դարում տեղի ունեցած աշխարհաքաղաքական ու տարածաշրջանային զարգացումներից եւ փոփոխութիւններից, ինքն է հարաւկովկասեան տարածաշրջանի անվտանգութեան միակ երաշխաւորն ու անփոփոխ տէրը:

Ինչ վերաբերում է հակամարտ կողմերին, ապա ապրիլեան զինադադարից նրանց, այսպէս կոչուած, շահումները տարբեր են: Երեւանը, նախ, դարձեալ համոզուեց, որ արտակարգ իրավիճակներում հայոց համազգային համախմբումը շատ աւելի զօրեղ զէնք է, քան` հակառակորդի անգամ գերարդիական զինանոցը, եւ ապա  Պաքուին յստակ եւ անբեկանելի հասկացրեց, որ հանգիստ մնայ տեղում, կամ, ինչպէս արցախցիներս ենք պատկերաւոր ասում` «տեղը տիտիկ անի», այլապէս, եթէ եւս մէկ անգամ զէնքով ելնի Արցախի դէմ, ապա անմոռաց դաս կը ստանայ:

Իր հերթին` Պաքուն, նախ, խուսափեց նոր, անհամեմատ խորքային տարածքներ կորցնելու վերահաս վտանգից, եւ ապա սեփական հանրութեանն ազդարարեց իր «ապրիլեան յաղթանակի» մասին` որպէս «ապացոյց» մատնացոյց անելով զինադադարի հապշտապ հաստատման շնորհիւ իր զօրքերի վերահսկողութեան տակ մնացած արցախեան մի քանի պաշտպանական դիրքերը: Ի դէպ, նոյնիսկ այս օրերին` ապրիլեան պատերազմից յետոյ անցած գրեթէ մէկուկէս տարի անց, Ազրպէյճանի նախագահը եւ նրա ենթակայ իշխանաւորները, էական չէ` քաղաքացիական, թէ զինուորական, որեւէ աննշան առիթ անգամ չեն կորցնում ծնծղաներ հնչեցնելու ի փառս այդ «յաղթանակի»:

Բայց վերադառնանք այս օրերին: Պարզւում է, որ այս անգամ Ազրպէյճանում տագնապի տեղիք է տալիս Միացեալ Նահանգների ծերակոյտի քննարկմանը ներկայացուած եւ ամենայն հաւանականութեամբ ընդունման ենթակայ օրէնքի նախագիծը, համաձայն որի, նախատեսւում է պատժամիջոցներ սահմանել ռուսաստանեան զէնքի առքուվաճառքի նկատմամբ: Առաջին հայեացքից հնարաւոր է տարօրինակ թուայ Պաքուին համակած այդ ոչ այնքան հաճելի զգացողութիւնը: Ի վերջոյ, նոր պատժամիջոցները կարող են անհանգստութիւն պատճառել հէնց օրինագծի թիրախին` Ռուսաստանին, նոր զինատեսակների արտադրութեամբ ու վաճառքով զբաղուող այդ երկրի ձեռնարկութիւններին եւ առեւտրական ընկերութիւններին: Բայց ստացւում է, որ այդ անցանկալի հեռանկարից Մոսկուան այնքան չէ յուզուած, որքան` Պաքուն: Թէ ինչո՛ւ` կարելի է ճշդել Պաքուի իշխանութիւնների խոսափող haqqin.az ելեկտրոնային կայքի հոկտեմբերի 29-ի հրապարակումից:

Ահա թէ կայքի աշխատակցի հարցազրոյցում ինչ է յայտնել Մոսկովեան «Էքսփորք Վոորուժենիէ», (թարգմանաբար` «Սպառազինութեան արտահանում») հանդէսի գլխաւոր խմբագիր, Ռազմավարութեան եւ արհեստագիտութեան վերլուծութեան կեդրոնի փորձագէտ Անտրէյ Ֆրոլովը: Միացեալ Նահանգների նոր պատժամիջոցները, ասել է նա,  խոչընդոտելու են Ազրպէյճանին զէնքի հնարաւոր մատակարարումների հարցում, քանի որ լայն հնարաւորութիւն են տալիս պատժելու բոլոր նրանց, ովքեր առեւտուր են անում այդ ընկերութիւնների հետ: Հրապարակման մէջ, ի հաստատումն ասուածի, յղում է կատարւում մոսկովեան «Նովոսթի» («Նորութիւններ») լրատուական գործակալութեան հաղորդագրութեանն առ այն, որ հակառուսաստանեան նոր պատժամիջոցները կարող են վերաբերուել Մոսկուայի կողմից երրորդ երկրներին բարձր արհեստագիտութեան զինատեսակների վաճառքին, ինչի մասին լրագրողներին յայտարարել է   Միացեալ Նահանգների արտաքին գործերի նախարարութեան մի բարձրաստիճան պաշտօնեայ:

Այլ կերպ ասած` ընդունուելու պարագայում, օրինագիծը տարածուելու է աշխարհի առանց բացառութեան բոլոր երկրների, այդ թւում` Ազրպէյճանի վրայ: Նշւում է, որ այն սահմանւում է Ռուսաստանի պաշտպանական եւ հետախուզական գերատեսչութիւնների, ինչպէս նաեւ դրանց մաս կազմող եւ կամ այդ գերատեսչութիւնների օգտին աշխատող ընկերութիւնների նկատմամբ: Համաձայն արտաքին գործերի նախարարութեան հրապարակած  ցանկի, ի շարս մի շարք գերատեսչութիւնների,  այնտեղ ներառուած է Ռուսաստանի պաշտպանական-արդիւնաբերական համալիրի 33 կառոյց, որոնց հետ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան եւ ռազմական արդիւնաբերութեան նախարարութիւններն ահա տարիներ ի վեր փոխգործակցում են` ինչպէս բանակի սպառազինման, նոյնպէս եւ սեփական զինարտադրութեան կազմակերպման ասպարէզներում: Ռուսաստանցի փորձագէտի հաղորդմամբ. «Իրավիճակն անհամեմատ լուրջ է ու, քանի գնում, ըստ երեւոյթին, աւելի կը վատթարանայ, ընդ որում, դա կարող է երկար տեւել»: Այլ կերպ ասած` Միացեալ Նահանգների դեռեւս քննարկման փուլում գտնուող, բայց, կրկնում եմ, ամենայն հաւանականութեամբ, ընդունման ենթակայ նոր օրէնքն ի զօրու է փակելու Մոսկուայից Պաքու ձգուող այն խողովակը, որն ահա տարիներ շարունակ աշխուժ գործում է Ռուսաստանի փոխվարչապետ, Ռազմարհեստագիտական յանձնաժողովի ղեկավար Տմիթրի Ռոկոզինի եւ Ազրպէյճանի առաջին փոխվարչապետ, կառավարութիւնում ռազմաարդիւնաբերական ոլորտի հարցերի համակարգող Եաղուպ Էյուպովի եռանդուն եւ, անշուշտ, ոչ առանց անձնապէս շահադիտական  ջանքերով:

Վերյիշենք Ռոկոզինի յայտարարութիւնը, որ նա արել է «Էխօ Մոսկվի» («Մոսկուայի արձագանգը») ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցում, դեռեւս անցեալ տարուայ ապրիլի 12-ին` պատերազմի դադարից օրեր  յետոյ. «Հայաստանը Ռուսաստանի դաշնակիցն է ՀԱՊԿ-ի շրջանակներում, Ազրպէյճանը, ճիշդ է դաշնակից չէ, բայց ռազմավարական գործընկեր է` վճարունակ գործընկեր: Նրանք վճարում են զէնքի համար: Ռուսաստանը նրանց զէնք է վաճառում, իսկ եթէ չվաճառի, կը վաճառեն ուրիշները»: Ի յաւելումն ասուածի` Ռոկոզինը մեծապետական քամահրանքով տարակուսանք է յայտնել. «Ինչո՞ւ է զէնքի վաճառքը հակամարտող կողմերին դժգոհութեան տեղիք տուել` դա ամբոխավարութիւն  է, լալկան նվնուոց»: Իր հերթին, Ազրպէյճանի փոխվարչապետը, հանդէս գալով Ռուսաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան հարցերով միջկառավարական յանձնաժողովի` նոյն տարուայ դեկտեմբերի 16-ի նիստում, յայտարարել է, թէ  երկու երկրների յարաբերութիւնները հասել են ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի, Ռուսաստանը ոչ միայն տնտեսական գործընկեր է, այլեւ տարածաշրջանի անվտանգութեան երաշխաւորը: Ազրպէյճանցի բարձրաստիճան պաշտօնեան, ի հարկէ, չբարձրաձայնեց, բայց, դժուար չէ կռահել` «տարածաշրջանի անվտանգութեան երաշխաւորը» արտայայտութեամբ նիստի մասնակիցներին հասկացրել է, որ իրականում Ռուսաստանն է տարածաշրջանի տէրն ու տնօրէնը, այսինքն, ում հետ կ՛ուզենայ, անվճար բարեկամութիւն կը խաղայ, ում հետ` իրական բարեկամութիւն կ՛անի, ինչո՞ւ չէ,  թէկուզ` վճարովի հիմունքներով: Արդեօք, նոյն այդ «վճարովի հիմունքներով իրական բարեկամութեան» արտայայտութի՞ւն չէ, որ Եաղուպ Էյուպովը, ապրիլեան պատերազմից ուղիղ երեք շաբաթ առաջ` մարտի 10-ին,  Մոսկուայի Քրեմլինում, նախագահ Վլատիմիր Փութինի ձեռամբ ստացել է Բարեկամութեան շքանշան` Ռուսաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բարեկամութեան ու համագործակցութեան ամրապնդման, տնտեսական ու մշակութային կապերի զարգացման գործում ներդրած մեծ աւանդի համար: Արդեօք հնարաւո՞ր է, որ հէնց այդ շրջանում է հնչել մոսկովեան վճռորոշ «տոպրօ»-ն` «բարի»-ն, որ Ազրպէյճանին օդ ու ջրի պէս պէտք էր Արցախի դէմ լայնածաւալ յարձակում սանձազերծելու եւ հէնց այդ կերպ ետ գրաւելու Արցախին յարակից` տակաւին 90-ականների սկզբի պատերազմում իր տանուլ տուած  շրջանների տարածքները, ինչո՞ւ չէ` նաեւ ամբողջ Արցախը:

Ինչեւէ: Դա  թող քաղաքական վերլուծաբանիս սոսկ ենթադրութիւն թուայ, եւ համարենք, թէ չի համապատասխանում կամ թէ քիչ է համապատասխանում իրականութեանը: Գուցէ թէ: Բայց այդպէս են եթէ ոչ պնդում, ապա ենթադրում Հայաստանում եւ Արցախում, նաեւ այլ երկրների քաղաքական վերլուծաբաններից շատերը, նրանք, ովքեր տիրապետում են ազրպէյճանա-արցախեան հակամարտութեան ողջ ընթացքի, ինչպէս նաեւ կարգաւորման բանակցային գործընթացի վերաբերեալ բաց, հասանելի տեղեկատուութեանը: Ի վերջոյ, ինչպէս ասում են, մախաթը պարկում չես թաքցնի:

Ամերիկեան ծերակոյտի օրէնքը, ինչ խօսք, կարող է անդրադառնալ նաեւ Հայաստանի վրայ, որը նոյնպէս պարբերաբար սպառազինութիւն է ստանում Ռուսաստանից: Ի հարկէ` ոչ այն քանակութեամբ, ինչպէս Ազրպէյճանի պարագայում է, այսինքն` անհամեմատ շատ քիչ, բայց, այնուամենայնիւ, ստանում է: Առաւել եւս, որ Հայաստանն այդ զէնքն արտօնեալ պայմաններով, այսինքն համեմատաբար էժան գներով է ձեռք բերում, քան` Ազրպէյճանը: Քանզի ի տարբերութեան Ազրպէյճանի, Հայաստանը, որպէս  Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ, օժտուած է այդ արտօնութեամբ: Բայց ամերիկեան պատժամիջոցները  նախատեսուած է  տարածել աշխարհի անխտիր բոլոր երկրների վրայ, ուստի հազիւ թէ դրանցից խոյս տալու հնարաւորութիւն ունենան ՀԱՊԿ անդամ դաշնակից երկրները, այդ թւում` Հայաստանը:

Սակայն զինապաշարի այդ քիչ քանակութեամբ մատակարարումն անգամ, ինչպէս յայտնի է, խոր  զայրոյթ է պատճառում Ազրպէյճանին: Յատկանշական է, որ ՕԹԱՆ-ի վերջին նստաշրջանում ազրպէյճանական պատուիրակութիւնն այդ կապակցութեամբ հերթական անգամ մեծ աղմուկ էր բարձրացրել` Մոսկուային մեղադրելով, թէ «նա զինում է զաւթիչին»: Այս անգամ բողոքի առիթ էր, ինչպէս կռահում էք,  Ռուսաստանի կողմից Հայաստանին վերջերս տրամադրուած 100 միլիոն ամերիկեան տոլարի վարկը` նոյն Ռուսաստանից ժամանակակից սպառազինութիւն եւ ռազմական սարքեր ձեռք բերելու համար: Ահաւասիկ, այսպէս ասած,  «մեղադրանքների» մի փունջ, որ այդ առիթով հնչեցնում են ազրպէյճանցի փորձագէտներն ու վերլուծաբանները. «Ժամանակակից զինատեսակներ մատակարարելով Հայաստանին, Ռուսաստանը նպաստում է յարձակապաշտ եւ զաւթիչ երկրի ռազմական ներուժի ամրապնդմանը», «Ռուսաստանը պէտք է աւելի ուշադիր վերաբերուի Հայաստանին սպառազինութիւն մատակարարելու հարցին, քանզի նման քայլը կարող է տարածաշրջանում իրավիճակի լուրջ սրման յանգեցնել»,  «Ռուսաստանի գործողութիւնները խախտում են չէզոքութեան սկզբունքը, որը նա պարտաւոր է պահպանել իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահ»: Եւ այսպէս` շարունակ: Ընդհուպ մինչեւ, ի հեճուկս Ռուսաստանի եւ Հայաստանի, սպառազինութեան ձեռքբերման այլընտրանքային աղբիւրի` Միացեալ Նահանգներին դիմելու սպառնալիք, երեւի թէ մոռանալով, որ Վաշինգտօնն արդէն քանիցս հրաժարուել է զէնք վաճառել Ազրպէյճանին եւ, առհասարակ, հակամարտ կողմերին:

Բացի ամերիկեան պատժամիջոցներից, արդեօք, կա՞յ այլընտրանքային  միջոց` օրինական, թէ զարտուղի ճանապարհներով սպառազինուելու Պաքուի հիւանդագին ախորժակը փակելու համար: Պարզւում է, որ, այո՛, կայ այդպիսին: Այդ միջոցը դեռեւս ապրիլեան պատերազմի աւարտից մէկ ամիս անց` անցեալ տարուայ մայիսին,  առաջարկել էր Հայաստանի արտաքին գործերի նախարարի տեղակալ Շավարշ Քոչարեանը: Նրա տեսակէտով, իմաստ ունի վերադառնալ հակամարտութեան բոլոր կողմերին զէնքի մատակարարումների նկատմամբ արգելանք մտցնելու գաղափարին: Փոխարտաքին գործերի նախարարի խօսքով. «Ռուսաստանն ասում է, որ եթէ ինքը զէնք չվաճառի, ապա դա կարող է մէկ ուրիշն անի: Ես կողմնակից եմ, որպէսզի լրիւ արգելանք մտցուի տարածաշրջանում հակամարտութեան բոլոր կողմերին զէնքի վաճառքի նկատմամբ: ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահ երկրները (Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Ռուսաստան) կարող են դրան հասնել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհրդում, եւ դա ճիշդ կը լինի»:

Կարծում եմ, միանգամայն իրագործելի է բարձրաստիճան հայ դիւանագէտի, ըստ իս, ողջամիտ, իրատեսական առաջարկութիւնը, եւ վաղ թէ ուշ ՄԱԿ-ը պէտք է որ դիմի նման արմատական քայլի, մանաւանդ  դա  բխում է աշխարհում խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման նրա իսկ կանոնադրական նպատակներից ու խնդիրներից: Այդպիսով, անշուշտ,  ոչ միայն որոշակի կը զսպուեն Ազրպէյճանի շարունակաբար սպառազինուելու մոլեռանդ ջանքերը, ոչ միայն կը բացառուեն հակամարտութեան գօտում լարուածութեան սրացմանն ուղղուած նրա  շարունակական սադրանքները, այլեւ այդ ամէնի բացառման պարագայում, Պաքուն պարտադրուած կը լինի վերջապէս հանգիստ պահուածքով, առանց անիմաստ «վերուերիների» նստել բանակցային սեղանի շուրջ, ինչպէս սահմանուած, ընդունուած է մնացեալ քաղաքակիրթ աշխարհում:

Արցախ
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար

 

Ակնարկ. Տարածաշրջանյին Նորագոյն Զարգացումներ. Հայկական Դիտակէտեր

$
0
0

Ներսէուտական մագլցողականութեամբ յատկանշուող իրադարձութիւնները, եմէնական դիրքերէ դէպի Ռիատ կատարուած հրթիռակոծումը, Լիբանանի վարչապետին յանկարծակի հրաժարականի յայտարարութեան մէջ աննախադէպ հակաիրանական հռետորաբանութեան օգտագործումը տարածաշրջանին մակարդակով նոր օրակարգի հասունացման մասին ընդգծումներ տեսանելի կը դարձնեն: Եթէ նաեւ անմիջապէս մտաբերենք ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմի վերջին փուլի անցումին առընթեր Միացեալ Նահանգներու կատարած վերյիշեցումը` Հըզպալլայի երեւոյթին նկատմամբ վերաբերում ճշդելու անհրաժեշտութեան հրապարակումը, կը սկսինք տեսանելի նկատել սիւննի-շիի լարուածութեան նոր հարթութեան մը անցումը:

Վերահսկելի քաոսի աշխարհաքաղաքական ծրագիրը պարզ է, որ ՏԱՀԵՇ-ի չէզոքացումով կամ քրտական պետութեան կամ անկախ Քիւրտիստանի ծրագիրի առկախումով երկար դադար պիտի չառնէր: Վերահսկելի քաոսը նոր օրակարգ պիտի ձեւաւորէր, որուն համար արդէն կը պարարտացնէր ենթահողը սիւննի-շիի բեւեռներու սուր հակադրութեամբ նորցնցումներ խոստանալով տարածաշրջանին:

Այդ վերահսկելի քաոսի պահպանման եւ մագլցումին համար անհրաժեշտ գործիքներ են Սէուտական Արաբիոյ նոր գահաժառանգին փտածութեան դէմ պայքար մղելու խանդավառ պատրաստակամութիւնը, արմատական ցնցումային փոփոխութիւնները, ձերբակալութիւնները, գումար վերադարձնելու գործողութիւնները, լարուածութիւն թէժացնող յայտարարութիւնները եւ անմիջական ազդեցութեան տակ գտնուող երկրին` Լիբանանի մէջ իրավիճակ ստեղծելը:

Ընդհանուր քաոսային վարքագիծի տրամաբանութեան հետեւելով անշուշտ քաղաքական ճիշդ ընթերցումներ կատարելու խնդիր գոյութիւն ունի Մերձաւոր Արեւելքի, այս պարագային նաեւ կարեւորագոյն չափով լիբանանահայութիւնը նուազագոյն վնասներով դուրս բերելու ուղիներու որոնումներուն ու ըստ այնմ շարժելու կարելիութիւններուն տիրապետելով:

Անկախ այս ուղղութենէն, կայ նաեւ հայկական ոսպնեակով զարգացումներ կանխատեսելու առաջնահերթութիւն, յատկապէս երկու հակառակորդներու տարածաշրջանին մէջ ունեցած դերակատարութեան մասին պատկերացումներ կազմելու համար:

Տարածաշրջանին մէջ հետզհետէ ձեւաւորուած էր եւ յատկապէս Սուրիոյ տարածքին արձանագրուող իրադարձութիւններուն կ՛երեւէր Իրան-Թուրքիա-Ռուսիա առանցքը թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ռազմական մակարդակներու վրայ:

Իրանի մէջ վերջերս կայացած Թեհրան-Մոսկուա-Պաքու եռակողմանի հանդիպումը այդ առանցքին վրայ ածանցեալ կարգով համալրեց Պաքուն, որ առիթ չփախցուց հանրային կարծիքին փոխանցելու, թէ արծարծուած է նաեւ արցախեան հակամարտութեան խնդիրը եւ առանցքային-միջպետական համաձայնութիւն գոյացած է այդ ուղղութեամբ: Եռակողմանի հանդիպումէն բխած պաշտօնական յայտարարութիւնը Պաքուի փոխանցած թիւր տպաւորութիւնը չէր հաստատեր:

Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւններուն միջեւ լարուածութեան յառաջացումին դիմաց, Պաքուն անմիջապէս վերադարձաւ իր հիմնական առաքելութեան, այն է` այս պարագային լիարժէքօրէն լծուիլ Սէուտական Արաբիոյ` հակաիրանական քարոզչութեան գործին, եւ ըստ պարսկերէն աղբիւրներու` վիրաւորական մեկնաբանութիւններ կատարել Իրանի իսլամական հանրապետութեան հոգեւոր իշխանութեան ներկայացուցիչներու հասցէին:

Մինչ, Անգարան բաւարարուեցաւ դէպի Ռիատ կատարուած հրթիռակոծումը դատապարտելով:

Սուրիական եւ յատկապէս քրտական հարթութիւններու վրայ շահերու ժամանակաւոր համընկնումներով գոյացած Մոսկուա-Թեհրան-Անգարա եւ ածանցեալ կարգով Պաքու առանցքը դիւրաբեկ է այս պարագային: Ռիատի շուրջ հանգուցուող դէպքերու եւ յատկապէս Ռիատ-Թեհրան յարաբերութիւններու վերաթէժացումը առիթ եւ տեղ չեն տար նախ Անգարային միեւնոյն առաձգականութեամբ շարժելու այնպէս, ինչպէս շարժեցաւ Սուրիոյ կամ Իրաքի մէջ: Սիւննի աշխարհին ղեկավարութիւն խոստացող Էրտողանը միեւնոյն ազատութիւնը չունի սիւննի-շիի առճակատումին մէջ թէ՛ դիրքորոշուելու եւ թէ՛ մանաւանդ գործնական դրսեւորումներ ունենալու: Իսկ շիի Ազրպէյճանի դաւանանքը այս պարագային երկրորդական նշանակութիւն ունի. ածանցեալ կարգավիճակը գերադաս է այս պարագային:

Երեւութական առանցքին Թեհրան-Մոսկուա հատուածը հաստատ կը թուի, մինչ Անգարայի եւ Պաքուի բաժինը, այս նախադրեալները նկատի ունենալով` դիւրաբեկ:

«Ա.»

Viewing all 12094 articles
Browse latest View live