Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12135 articles
Browse latest View live

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Սեպտեմբեր Դ. –Թուրքիոյ Քաղաքականութեան Պտուղը

$
0
0

Թուրքիոյ իշխանութիւնները նախորդ տարիներուն Միջին Արեւելքի մէջ ծայրայեղ տարրերը հրահրելով ու դաւանանքային հարցեր սրելով`  տարածաշրջանի կարգ մը երկիրներու դիմագիծը փոխել ու օսմանեան ծաւալապաշտութեան երբեմնի իրենց ախորժակները սրել փորձեցին:

Անոնք ժողովրդավար Թուրքիա մը կերտելու, փոքրամասնութիւններու իրաւունքները ճանչնալու ու իրենց ներքին հարցերը լուծելու փոխարէն, խաւարի ու բռնութեան իրենց տիրապետութիւնը տարածել փորձեցին Թուրքիոյ սահմաններէն ներս թէ դուրս` անտեսելով յաճախ ինքնիշխան երկիրներու որոշումն ու անոնց անվտանգութիւնը:

Միջին Արեւելքի մէջ Սուրիան անոնց հիմնական թիրախը կը նկատուէր,  սակայն Սուրիոյ համար նախատեսուած «էրտողանեան ծրագիր»-ը ոչ միայն ձախող դուրս եկաւ սուրիական բանակին, անոր դաշնակիցներուն ու ժողովուրդին դիմադրութեան շնորհիւ, այլեւ, թրքական իշխանութիւնները ուշակորոյս դարձնելով,  նահանջի մատնեց քաղաքական մէկէ աւելի ճակատներու վրայ` նախ ստիպելով, որ անոնք բարիդրացիական յարաբերութիւններ վերամշակեն Սուրիոյ դաշնակից Իրանի հետ, ապա մասնակցին Ասթանայի խորհրդաժողովներուն եւ, վերջապէս, ապաւինին, կրկին Սուրիոյ դաշնակից, Ռուսիոյ: Այս բոլորին կողքին, Սուրիոյ հողային բաժանումին ձգտող Թուրքիան, այսօր, Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի անկախացման նկրտումներուն լոյսին տակ, ի՛նք է,  որ ի՛ր իսկ վարած բռնապետական քաղաքականութեան պատճառով կը կանգնի բաժանման «վտանգ»-ին դիմաց:

Հալէպէն մինչեւ Տէր Զօր մահուան սարսափ տարածող Թուրքիան հաւանաբար չէր կանխատեսեր, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիան մասնատելու իր ծրագիրի գործադրութեան մէջ ձախողելէն ետք, տարածաշրջանի քարտէսային փոփոխութեան յաջորդ փուլին պիտի անցնէր` նոյնինքն Թուրքիոյ սահմաններուն մօտ քրտական ինքնիշխան մարզի մը գոյութիւնը երաշխաւորելով:

Ներկայ քաղաքական զարգացումները կը յուշեն, որ Թուրքիա յառաջիկայ փուլին աստիճանաբար պիտի թեքի դէպի  ռուս-իրանեան առանցք, ու իր նախկին քաղաքականութեան հակառակ ուղղութեամբ պիտի ընթանայ` Էրպիլի փոխարէն գործակցութեան եզրեր որոնելով մայրաքաղաք Պաղտատի հետ, միաժամանակ պիտի ընդունի,  որ ազգային իր անվտանգութիւնը մեծաւ մասամբ կախեալ է Սուրիոյ ազգային անվտանգութենէն, որուն գլխաւոր սպառնացողն էր ինք տարիներ շարունակ:

Միւս կողմէ, սակայն, սուրիական կողմին հետ գործակցութեան եզրեր վերագտնելու համար ան, նախ եւ առաջ, պիտի ստիպուի սուրիական հողերէն դուրս բերել իր զինուորներն ու յարգել Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն ու պետութեան եւ երկրի նախագահին օրինականութիւնը:

Դրացի երկիրներու ինքնիշխանութիւնը անարգող, սահմանները փակող, փոքրամասնութիւններու իրաւունքները զլացող ու իր պատմական սխալները ուրացող Թուրքիոյ վրայ միջազգային թէ տարածաշրջանային ճնշումին օղակը աստիճանաբար կը սեղմուի:

Այս ճնշումը իր  թելադրող պատգամը ունի, անկասկած, թրքական բռնապետութենէն տուժած ու տուժող կողմերուն համար:


Արցախի Ճանաչումը Միշիկընի Օրինակով` Նահանգ Առ Նահանգ

$
0
0

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Հետեւելով Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց, Ռոտ Այլընտ, Մէյն, Լուիզիանա, Քալիֆորնիա, Ճորճիա եւ Հաուայի նահանգներուն` սեպտեմբեր 28-ին Միշիկըն նահանգը իր կարգին ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

Այսպէս, Միշիկընի ծերակոյտը քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ որդեգրեց թիւ 99 օրինագիծը` ի խնդիր Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման: Օրինագիծը, որ կը վայելէր երկու կուսակցութիւններու միատեղ զօրակցութիւնը, կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին` ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ անոր հետ հաստատել տնտեսական ու մշակութային կապեր:

Միշիկըն մէկ բաղկացուցիչ մասն է Միացեալ Նահանգներու: Արդ, բնականաբար, նահանգային իր այս որոշումը Միացեալ Նահանգներու կողմէ Արցախի դիւանագիտական ճանաչման ուժ չունի: Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութեամբ եւ միջազգային օրէնքի կարգով այդ իրաւասութիւնը կը պատկանի դաշնակցային կառավարութեան` Միացեալ Նահանգներու գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն:

Սակայն Արցախի ճանաչման վերաբերեալ նահանգային որոշումները քաղաքական, օրինական եւ քարոզչական արժէքներ են, որոնք կը հաստատեն Միացեալ Նահանգներու տարածքին Արցախի ու անոր քաջարի բնակչութեան հանդէպ ամերիկեան նահանգային ու ժողովրդային վստահութիւնն ու զօրակցութիւնը: Այս նուաճումը ինքնին քաղաքական նկատառելի դրամագլուխ եւ արժէք կը ներկայացնէ Արցախի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի յաւելեալ ամրակայման համար:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի օրակարգային եւ ռազմավարական հիմնական կէտերէն է Արցախի ի նպաստ քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական եւ պաշտպանական զօրակցութիւն ապահովելու աշխատանքը: Այս օրակարգի առանցքին կը գտնուի Արցախի պաշտօնական ճանաչման հարցը:

Միամիտ պէտք չէ ըլլալ: Քաղաքական այժմու պայմաններու տակ Միացեալ Նահանգներու կողմէ նման ճանաչում գրեթէ անկարելիութիւն է: Սակայն նահանգային ճանաչումներու ներկայ մարտավարութիւնը ի նպաստ Արցախի հանրային կարծիքի դրական մթնոլորտ կը զարգացնէ դաշնակցային իշխանութիւններուն մօտ, որպէսզի անոնք այլ մարզերու մէջ սատար հանդիսանան Արցախի ու անոր բնակչութեան կարիքներուն:

Պէտք է նկատի ունենանք նահանգային ճանաչումին տրամադրած ուժական տարողութիւնը: Ներկայիս յիսուն նահանգներէն ութն ճանչցած են Արցախի Հանրապետութիւնը: Անոնք կը ներկայացնեն Միացեալ Նահանգներու 16 տոկոսը: Հաւաքաբար այս ութ նահանգներու բնակչութեան թիւը 65 միլիոն է: Այսինքն` Միացեալ Նահանգների բնակչութեան 20 տոկոսը: Թուային ու տոկոսային այս համեմատութիւնները նոր յաւելումներ պիտի կրեն նոր նահանգներու ճանաչման որոշումներով:

Այս տուեալներով պարզ պէտք է դառնայ Հայ դատի նահանգ առ նահանգ ճանաչման մարտավարութեան արժէքին տարողութիւնը:

Առաջին` քաղաքական տարողութիւնը: Նահանգները Միացեալ Նահանգների օրէնսդիր իշխանութեան ներկայացուցչական խարիսխներն են: Անոնք ներկայ են իրենց քոնկրեսականներով եւ ծերակուտականներով դաշնակցային Ներկայացուցիչներու տան եւ ծերակոյտի մէջ: Այս օրէնսդիր մարմիններն են, որ, ի միջի այլոց, կը ճշդեն եւ կ՛որդեգրեն Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքական, պաշտպանական թէ նիւթական ուղղութիւններու վերաբերող օրէնքները:

Բնականաբար Արցախին զօրակցող նահանգներու ներկայացուցիչներուն համար աւելի հեշտ ու համոզիչ պիտի ըլլայ սատարել Արցախին նպաստող օրէնքներու որդեգրման` Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ: Տակաւին չենք խօսիր այն այլազան նպաստաւոր քայլերուն մասին, որոնք կ՛առնուին եւ պիտի առնուին ուղղակի տուեալ նահանգին կողմէ` միշտ ի նպաստ Արցախին:

Երկրորդ` քարոզչական տարողութիւնը: Զուգահեռաբար տուեալ նահանգի մը տարածքին Արցախի նկատմամբ հանրային կարծիքի դրական զարգացումին, նահանգային ճանաչման որոշումը իր կարգին խափանող ազդակ կը հանդիսանայ ընդդէմ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հանրապետութիւններու հակահայ եւ Արցախի դէմ այլազան ոտնձգութիւններուն:

Բացայայտ իրականութիւն է, որ թէ՛ Թուրքիա եւ թէ՛ Ազրպէյճան միլիոնաւոր տոլարներ կը յատկացնեն Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ապատեղեկատւութեան տարածման եւ ժխտական դիրքորոշումներու որդեգրման համար: Այս քայլերը, ինչպէս անցեալի փորձը ցոյց կու տայ, կը զրկուին իրենց ուժգնութենէն, հոն, ուր նահանգային զօրակցութիւնը առկայ է Հայաստանի ու Արցախի համար:

Երրորդ` ազատ ինքնորոշման իրաւունքի տարողութիւնը: Ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային օրէնքի հիմնական սկզբունք է: Միացեալ Նահանգներու պարագային, այդ իրաւունքը ներառուած էր նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի ներկայացուցած «14 կէտեր»-ու ծրագրին մէջ: Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն դատարանի մեկնաբանութեամբ, այդ իրաւունքը նաեւ վերապահուած է նահանգներուն: Այսուհանդերձ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը,  քաղաքական սին հաշիւներէ մեկնելով, երկերես մօտեցում ունի, երբ հարցը կը վերաբերի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի միաչափ եւ արդար կիրարկման:

Այս ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներու սկզբունքային դիրքորոշումը վերահաստատող եւ ամրակայող արժէք կը հանդիսանան Արցախի ճանաչման նահանգային որոշումները: Անոնք կրկին անգամ կը վաւերացնեն ազգային ինքնորոշման իրաւունքի ամերիկեան դիրքորոշումը եւ այդ իրաւունքին արդար գործադրումը` Արցախի նկատմամբ: Ինչպէս Միշիկընի ծերակուտական Տէյվիտ Քնեզեք թիւ 99 օրինագծի որդեգրման առիթով կը յայտարարէր` «Արցախի պատմութիւնը իսկակա՛ն ամերիկեան պատմութիւն է: Պատմութիւն մը` ազատութեան, ինքնորոշման, ժողովրդավարութեան եւ խաղաղութեան ձգտումի»:

Միշիկընի օրինակով, նահանգ առ նահանգ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման մարտավարութիւնը էապէս գործնական է եւ ըստ էութեան` կիրարկելի: Այդ ուղղութիւնը կը հարթէ այն ճանապարհը, որ քաղաքական արժէք ու որակ կը տրամադրէ Արցախին, քարոզչական նպաստաւոր միջավայր կը զարգացնէ եւ նոր լիցք ու վաւերականութիւն կը հայթայթէ Արցախի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին:

Լոս Անճելըս
29 սեպտեմբեր  2017

 

Նամականի. Ներողութիւն

$
0
0

Ներողութիւն պիտի խնդրէի Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունէն, որ «Ազդակ»-ի ուշադրութեան յանձնած է այն վրիպումը, թէ 28 սեպտեմբերի թիւով հրապարակած Հայաստան այցելած Բրիտանիոյ Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու հարցերով պետական նախարար Ալեն Տանքընի յայտարարութիւններէն մէկուն մէջ «Ցեղասպանութիւն» բառին տեղ պէտք էր «ջարդեր»-ը գրուած ըլլար:

Չեղա՛ ւ, «Ազդակ»-ի պարո՛ն խմբագիր, գերպետութեան նախարար մը այդպէս «անկիրթ» բառ չի գործածեր, ինչպէ՞ս կարելի է նման վրիպում մը, չէ՞ որ այդպիսի բարձրաստիճան անձնաւորութիւնները հաշուով կը խօսին, չափուած, ձեւուած եւ կշռուած, նոյնիսկ ըսելաոճն եւ շեշտադրումը` ուսումնասիրուած:

Ինչպէ՞ս կը զրպարտես նախարարը նման «վտանգաւոր» բառ գործածելու համար, ի՞նչ Ցեղասպանութիւն:

Դուն գիտե՞ս, որ այդ երկրի շահերուն հետ կը խաղաս, արդեօք այդ մեծերուն խաղի «օրէնքները» չե՞ս գիտեր, պէտք չէ թոյլ տաս այդպիսի ճակատագրական վրիպում մը: Այդ կարելի է միայն նախարարին այնպիսի ժողովուրդի, պետութեան մը, որ ուժ չի ներկայացներ, անզօր է, աղքատ, որուն երկրին սահմանները ուրիշներ իրենց ուզածին պէս կը խծբծեն: Կրնաս նոյնիսկ, ջարդ չէ, այլ ցեղասպանութիւն, աւազակ, զաւթիչ, ծաւալողապաշտ… ուզածդ գրէ, թէկուզ այդ ժողովուրդին համար բախտորոշ կամ ճակատագրական ըլլայ այդ բառը:

Այո՛, անկիրթ բառ կ՛ըսեմ, քանի որ դեռ աշխարհի մեծերը շահն ու ոճիրը նոյն նժարին վրայ դնելով` չափանիշները կը դիտեն իրենց ստամոքսէն: Անոնք արդարութիւնը կը գործածեն քաղաքական գործարաններու մեքենաներուն պտուտակները իւղելու կամ,  բերնի թուքի պէս, շահերը մարսելու կամ փայլեցնելու իրենց սեփական պատկերը…

Հազա՜ր ներողութիւն կը խնդրեմ, որ ցեղասպանութեան ենթարկուած ենք, կը ներէք, որ աստուածավախ ըլլալնուս, մշակոյթը եւ կեանքը սիրելնուս համար ուզած են ոչնչացնել մեզ:

Մեր մէկուկէս միլիոնին արիւնը ձեր ճերմակ մետաքսէ քաղաքականութեան կտաւը կ՛աղտոտէ եւ շքեղ պալատներու բարեացակամ օդը կ՛ապականէ:

Շա՛տ ներողութիւն, ներեցէք մեզի, որ արդարութիւնը չենք հասկցած, հարիւր տարիէ ի վեր ձեռք երկարած` կը սպասենք դեռ իւղոտ արդարութեան, ներեցէք, որ միշտ բարին ենք ցանկացած աշխարհին եւ նոյնպէս ալ պիտի շարունակենք աղօթել, որովհետեւ մեր սիրտը տակաւին «յետամնաց» արդար արեամբ է, որ կը տրոփէ եւ Ցեղասպանութիւնն ալ ուրիշներէն յափշտակեցինք իբրեւ ազգային հարստութիւն:

Արդեօք կը ներէ՞ք…

ՏՈՔԹ. ՍԵՊՈՒՀ ՄԱՆՃԵԱՆ 

Պատմական Մկրտութիւն` Պատմական Շուշիում

$
0
0

«Մեր Ընտանիքի Մասնագիտութիւնը Հայ Ազգին Ու Մշակոյթին Ծառայելն Է». Նարեկ Յարութիւնեան

ԼՈՒՍԻՆԷ ԹԵՒՈՍԵԱՆ

«Հաւատք, յոյս, սեր եւ մկրտութիւն. մկրտուել եւ արդարանալ, սրբուել մեղքերից, ազատուել դեւերից, ծառայել Աստծուն», հոգեւորականի` «Ի՞նչ է խնդրում երեխան»  հարցին ի պատասխան ասել է մուսալեռցի կնքահայր Վահագն Գարագաշեանը: 8 ամսական Քնարն ուշի-ուշով հետեւում էր երկխօսութեանը: Կատարուող արարողութիւնից փոքրիկի հայեացքը փախցրեց կնքահօր ձեռքերում խնամքով պահուած խաչը, որը մէկ րոպէ չանցած` կախուեց փոքրիկի պարանոցին:

«Թող Աստծու սէրն ու խաղաղութիւնը թագաւորի Քնարի սրտում», միաձայն արտաբերեցին Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցում հաւաքուած շուրջ 200 հիւրեր` ժամանած աշխարհի տարբեր անկիւններից:

Օրը օգոստոսի 26-ն էր: Այդ օրը տօն դարձնելու առիթը ասեղնագործուած ձիւներանգ շորով Քնարի մկրտութիւնն էր, Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի կենտրոնի հիմնադիրի` Նարեկ Յարութիւնեանի աղջնակի մկրտութիւնը:

«Քրիստոնեայ կնքուելն անհրաժեշտութիւն է: Ինձ եւ կնոջս համար նշանակալից էր, որ այդ կարեւոր արարողութիւնը տեղի ունենայ մայր հողում, մանաւանդ` Շուշիում», ասել է Երեւանում եւ Ամերիկայում ապրող, բայց սիրտն ու հոգին, միտքը Շուշիին պարգեւած Նարեկը:

Կնքահայր Վահագն Գարագաշեանի ձեռամբ Նարեկի աղջնակի մկրտութեան օրը Շուշիի բազմադարեայ պատմութիւնում գրուեց եւս մէկ էջ. պատմութեան մէջ առաջին անգամ հայոց մայրաբերդում հնչեց 1884 թուականին ծնուած Մուսա Լերան թմբուկը` թմբուկի առաջին տիրոջ ծոռան` Սարգիս Զէյթլեանի կատարմամբ:

«Թմբուկը հայ ազգի ժառանգութիւնն է:  Մուսա Լեռից եկել, հասել է Հայաստան, դարձել «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան տօնախմբութեան կազմակերպման հիմնաքարը: Միայն Շուշիում չէր եղել, եկաւ», ընդգծել է  Սարգիս Զէյթլեանը:

Տիրոջ կամքով է Նարեկը Շուշիի մի մասնիկը դարձել: Տիրոջ կամքով են Նարեկն ու Շուշին լրացնում իրար, յագենում իրարով:  Տիրոջ կամքով է նաեւ սէրը դէպի հայրենիքը եւ արուեստը Նարեկի պապիկից փոխանցուել իր հայրիկին, այնուհետեւ իրեն` պսակուելով 2006 թուականին «Նարեկացի» արուեստի կենտրոնի հիմնադրմամբ:

«Նարեկացի» արուեստի միութեան ստեղծուելու, կառուցուելու առաքելութեան մէջ կայ նախախնամութիւն: Աստծու ձեռքը խառն է,- նշել է Ն. Յարութիւնեանը եւ շարունակել,- Շուշիում նման կենտրոն ունենալն անհրաժեշտութիւն էր: Շուշին պէտք է դառնայ հայ ազգի մշակութային մայրաքաղաքը` վերականգնելով իր մշակութային հին անցեալը եւ նորանոր ծրագրեր, կառոյցներ, հինը պահպանելով` նորը կառուցելու աւանդոյթը ունենայ»:

Կրելով «Տիեզերական եկեղեցու վարդապետ» Գրիգոր Նարեկացու անունը եւ ունենալով «Քո կապը մշակոյթի հետ» նշանաբանը` դարձաւ արուեստների եւ արհեստների միութեան օճախ, որտեղ միախառնուել են երգն ու պարը, նկարչութիւնն ու գծագրութիւնը:

«Մենք միշտ ասում ենք, որ վերակառուցող ժողովուրդ ենք: Շուշին այսօր ունի վերակառուցուելու կարիք եւ կանչում է իր ժողովրդին: «Նարեկացի» կենտրոնը իմ առաքելութիւնն էր: Յուսամ` միութիւնն իր էութեամբ օրինակ կը ծառայի նաեւ շատերի համար, որ իրենք էլ ծրագրեր մշակեն, որպէսզի մօտ ապագայում տօնենք Շուշիի վերածնունդը»,  նշել է Ն. Յարութիւնեանը:

Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը Յարութիւնեանների` Արցախում իրականացրած միակ ծրագիրը չէ: Նարեկի հօր ձեռամբ ազատագրուած Քարվաճառի շրջանում հիմնուել է Քնարաւան գիւղը` Նարեկի մօր` Քնարի յիշատակին:

Աղջկան Քնար կոչելը եւ Շուշիում մկրտութիւնը կազմակերպելը պատահականութիւն չէ: Ամէն ինչ իր խորհուրդն ու նպատակն ունի: «Երբ աղջիկս մեծանայ, ես կը պատմեմ նրան Շուշիի հերոսական պատմութիւնը, կը պտտեմ նրա հետ Շուշիի բոլոր նեղ ու լայն փողոցներով, կը ծանօթացնեմ նրան «Նարեկացի» կենտրոնում սովորող երեխաների հետ, կը տանեմ նրան Քնարաւան գիւղ: Իմ Քնարը պէտք է իմանայ, որ այդ առաքելութեան մի մասն է կազմում: Նա այդ  առաքելութեան շարունակութիւնն է: Նա պէտք է գիտակցի, որ Շուշին իր պատասխանատուութեան մասն է կազմում,- ասել է Նարեկ Յարութիւնեանը եւ` շեշտել,- մեր ընտանիքի մասնագիտութիւնը հայ ազգին ու մշակոյթին ծառայելն է»:

 

 

 

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Թրքական Մամուլին Արձագանգը` Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզի Անկախութեան Հանրաքուէին Առնչութեամբ

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան կայացուցած որոշումին առնչութեամբ թրքական լրատուական դաշտը (բացի քրտամէտ մամուլէն) շատ բիրտ եւ կոշտ բանաձեւումներով հանդէս եկաւ հանրութեան:

25 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէն, որուն մասնակիցները` «Կ’ուզէ՞ք, որ Քիւրտիստանի մարզը եւ մարզին վարչական տարածքէն դուրս եղող քրտական շրջանները անկախ պետութիւն դառնան» հարցումին «Այո՛» կամ «Ո՛չ» պիտի պատասխանէին: Հետեւաբար հանրաքուէի աւարտին քիւրտերը մարզի բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ արդէն տօնեցին «Այո՛»-ի յաղթանակը:

Արդարեւ, վերոնշեալ հարցը ինքնաբերաբար թրքական օրաթերթերու առաջին էջերու վերնագիր դարձաւ: Բոլոր թերթերն ալ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէի իրականացումը դատապարտեցին, ուրիշներ ալ ատելութեան թիրախ դարձուցին, սակայն քրտամէտ թերթերու տեսակէտը այլ էր:

Թրքական թերթերու յատկապէս 26 սեպտեմբերի առաջին էջերը ընդհանրապէս իբրեւ վերնագիր մեծաւ մասամբ տեղ տուած էին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ելոյթէն քիւրտերու ուղղուած կարեւոր մէկ արտայայտութեան: Էրտողան թրքական բանակի «Եփրատի վահան» գործողութիւնը յիշեցնելով` հետեւեալ ակնարկութիւնը ըրած էր. «Գիշեր մը անակնկալօրէն կրնանք մուտք գործել»:

– «Հիւրրիյէթ» առաջին էջին վրայ իբրեւ խորագիր ընտրած է Էրտողանի «Գիշեր մը անակնկալօրէն կրնանք մուտք գործել» խօսքը: Նշուած խորագրին կողքին, կը տեսնենք նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի` «Քաղաքացիները հանգիստ թող ըլլան, պատերազմի մէջ չենք մտներ» խօսքը: Ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի` «Թուրքիա, Իրաք եւ Իրան կրնան լուծել» խօսքը եւ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի` «Պարզանի կրակի հետ կը խաղայ» արտայայտութիւնը:

– «Սապահ»-ի առաջին էջին վրայ տեղ կը գրաւէ Պինալի Եըլտըրըմի` «Հանրաքուէն տաք հակամարտութեան ենթահող պատրաստեց» արտայայտութիւնը, ինչպէս նաեւ` Էրտողանի վերը նշուած խօսքը:

– «Ագշամ» օրաթերթը կ’օգտագործէ` «Քուէները կրակի նետուեցան» վերնագիրը, ինչպէս նաեւ Էրտողանի` «Գիշեր մը անակնկալօրէն կրնանք մուտք գործել» արտայայտութիւնը:

– «Հապէր Թուրք» իր առաջին էջին վրայ տպած է Էրտողանի կոշտ արտայայտութիւնը` Պարզանիի ուղղուած, որ կ’ըսէ` «Կափոյրը մեր մօտ է»: Էջին վրայ, նոյնպէս Էրտողանին պատկանող, կը տեսնենք այլ վերնագիր մը, որ Պարզանիի ուղղուած կ’ըսէ. «Կափոյրը եթէ փակենք, դուն վառելանիւթը որո՞ւ պիտի վաճառես»:

– «Միլլիյէթ» առաջին էջին վրայ Էրտողանի հետեւեալ խօսքը` «Գիշեր մը անակնկալօրէն կրնանք մուտք գործել» վերնագիր տպած է: Անկէ զատ, Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի` «Պատերազմի չենք մտներ, այլ միջոցներ կը ձեռնարկենք»` արտայայտութիւնը տեղ գտած է:

– «Թիւրքիէ» թերթը առաջին էջին վրայ տպած է` «Քուէատուփէն մեծ քաոս ելաւ»:

– «Տիւնիա» թերթը հետեւեալ վերնագիրով հանդէս եկած է` «Խապուրի մուտքը փակուեցաւ, կափոյրն ալ կը փակենք»:

– «Սթար»-ի առաջին էջը ամէնէն քննարկուողն է. այստեղ Էրտողանի ամէնէն խիստ, կոպիտ եւ ծանր մեկնաբանութիւնները վերնագրուած են: Միւս կողմէ, Պարզանիի ակնարկուած` «Հիւսիսային Իրաքը կրակը նետեց» խորագիրը կը տեսնենք, ինչպէս նաեւ Էրտողանի` «Մղձաւանջ պիտի ըլլայ ձեր երազը» խօսքը:

– «Փոսթա»-ի առաջին էջին վրայ տեղ կը գրաւէ` «Ընտրութիւնը կատարեց» վերնագիրը, ինչպէս նաեւ նախագահ Էրտողանի` «Իրարանցումը սկսաւ» արտայայտութիւնը:

– «Աքիթ» թերթը առաջին էջի վրայ գրեց, որ` «Էրտողան յստակ խօսեցաւ. ոչ մէկ զիջում», իսկ իբրեւ վերնագիր ընտրեց Էրտողանի հետեւեալ արտայայտութիւնը` «Կափոյրը եթէ փակուի, Պարզանի կը վերջանայ»:

– «Թաքուիմ» օրաթերթը կ’օգտագործէ Էրտողանի` «Գիշեր մը անակնկալօրէն կրնանք մուտք գործել» վերնագիրը:

– «Ենի Պիրլիք» թերթը իբրեւ վերնագիր ընտրած է Էրտողանի ելոյթէն հետեւեալ խօսքը` «Առանց դատողութեան համաձայն չենք եւ ապօրինի կը յայտարարենք» վերնագիրը: Այլ վերնագիր մը աչքի կը զարնէ` «Իրան Պարզանիին դիմաց փակեց սահմանի դռները». անոր տակ կը տեսնենք Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի` «Թուրքիա, Իրաք եւ Իրան համատեղ լուծումներ պէտք է գտնեն» ելոյթէն կարծիք մը: Անմիջապէս անոր կից հրատարակուած է Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի` «Հանրաքուէն տարածաշրջանին համար ժամանակի մը խաւարին լրաբերն է» տեսակէտը:

Վերոնշեալ վերնագիրները Թուրքիոյ նախագահի, վարչապետի եւ կուսակցապետներու ելոյթներու, զրոյցներու եւ ճառերու ընդմէջէն տրուած խորագիրներն են:

Այստեղ քիւրտերու հարցի նկատմամբ զուգահեռներ գծելու համար յիշեցման կարգով կը մէջբերենք թուրանապաշտութեամբ հռչակաւոր, պատմաբան, ազգայնապաշտ հրապարակագիր Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզի 20-րդ դարու 70-ականներուն լոյս ընծայած յօդուածէն հատուած մը: Աթսըզի յօդուածները հետագային ամփոփուած են «Յօդուածներ» վերնագիրով երեք հատորներու մէջ: Այնուհետեւ, «Յօդուածներ» երրորդ հատորէն (Atsiz, Makaleler III, Istanbul, 1992, s. 382)` բաժին մը, ուր կը կարդանք անոր ցեղապաշտական կեցուածքներուն մասին`  հայ, յոյն եւ քիւրտ ժողովուրդներուն նկատմամբ: Աթսըզ քրտական հարցէն մեկնելով` գրած է հետեւեալը. «Եթէ քիւրտերը իրենց խելքը գլուխնին չհաւաքեն, եթէ շարունակեն խաղալիք դառնալ օտար ուժերու, եւ եթէ շարունակեն վազել քրտական պետութիւն մը հիմնելու երազին ետեւէն, այն ատեն անոնց ճակատագիրը պիտի ըլլայ արմատէն բնաջնջուիլ երկրագունդի վրայէն: Թուրք ցեղը 1915-ին հայերը, 1922-ին ալ յոյները այս երկրէն ոչնչացնելով` ցոյց տուած է, թէ ինչե՜ր կրնայ ընել բոլոր անոնց, որոնք աչք կը տնկեն գետի նման արիւն հոսեցնելու գնով շահուած այս հողերուն»:

Այսպիսով, երեւան կու գան անցեալի ու ներկայի թուրք ղեկավարներու տեսակէտները` քիւրտերու նկատմամբ, ինչպէս նաեւ անոնց ցեղապաշտ եւ թուրանապաշտ քաղաքականութիւնը` ոչ թուրք ժողովուրդներու դէմ ընդհանրապէս իրագործուած:

 

 

Տեսակէտ. Արցախէն Քոսովօ, Քիւրտիստանէն Քաթալոնիա

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Այս յօդուածով կ՛ուզեմ իմ անձնական կարծիքս յայտնել ազգերու ազատ ինքնորոշման խնդիրին շուրջ, եւ թէ ինչո՛ւ միջազգային այս իրաւունքը կ՛ոտնակոխուի այլ պետութիւններու կողմէ, կամ ո՞ւր պէտք է յստակ սահման գծուի այս հարցին շուրջ եւ ինչո՞ւ:

Քիւրտերու, քաթալաններու, պասքերու, պալոշներու, ասորիներու, հայերու եւ բոլոր իրաւազրկուած ու ճնշուած ազգերուն ինքնորոշման իրաւունքը սրբութիւն մըն է` նշուած իւրաքանչիւր ազգի համար: Այս իրաւունքը պաշտպանուած է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ:  Պաղ պատերազմի ժամանակ Խորհրդային Միութիւնը միշտ ալ նեցուկ կանգնած էր ազգերու ինքնորոշման սկզբունքին (այնքան ատեն որ իր սահմաններէն դուրս է)` հաւատալով, որ այն ազգերը, որոնք կ՛անջատուին գաղութատիրական լուծէն, իրենց երկիրներուն մէջ պիտի հաստատեն համայնավարական կարգեր եւ պայքարին կայսերապաշտական քաղաքականութեան դէմ: Բազմաթիւ ափրիկեան, լատինամերիկեան եւ ասիական նորակազմ երկիրներ այս ճամբէն անցան, սակայն շատերը նաեւ իմացան, որ խորքին մէջ Խորհրդային Միութիւնը ինք նոյնպէս կը վարէր կայսերապաշտական քաղաքականութիւն, ինչպէս` Քուպայի եւ Աֆղանիստանի մէջ:

Հետեւաբար ազգերու ինքնորոշման խնդիրը պէտք չէ սակարկութեան առարկայ  դառնայ մեծ երկիրներու միջեւ, սակայն (տեսլապաշտութիւնը եւ գաղափարապաշտութիւնը մէկ կողմ) այսօր միայն ուժն է, որ կ՛իշխէ միջազգային քաղաքականութեան մէջ: Եթէ զօրաւոր ես, ապա իրաւունք ունիս, իսկ եթէ չես կրնար քու ազգային շահերդ պաշտպանել եւ պայքարիլ անոնց համար, ապա իրաւունք չունիս ապրելու եւ ազատութիւն երգելու այս անարդար աշխարհին մէջ: Գոնէ պատմութիւնը մեզի այսպէս կը սորվեցնէ:

Վայրկեան մը մենք մեզի հարցնենք` ինչո՞ւ Արցախը եւ ոչ թէ Նախիջեւանը, կամ ինչո՞ւ ոչ` Ջաւախքը, որ իր աշխարհագրական դիրքով շատ աւելի կարեւոր է Արցախէն: Եթէ Արցախը յանձնուէր Ազրպէյճանին, իսկ Ջաւախքը դառնար անկախ, թերեւս ասիկա ռուսին օգտին ըլլար, բայց ո՞ւր էր հոս Հայաստանի շահը կամ թիֆլիսահայութեան շահը: Իսկ ամէնէն կարեւորը` ինչո՞ւ Արցախը, բայց ոչ` Նախիջեւանը: Իսկ Արեւմտահայաստա՞նը: Ժողովրդագրութի՛ւն. այո՛, ճիշդ է, Արցախի մէջ հայերու թիւը շատ էր` համեմատած Նախիջեւանի մէջ հայկական բնակչութեան թիւին: Այստեղ հայութեան ազգային ինքնորոշման խնդիրին մասին խօսք անգամ չէր կրնար ըլլալ, ո՛ւր մնաց Արեւմտահայաստանը, ուր այսօր կ՛ապրին աւելի քան 5-10 միլիոն քիւրտեր, թուրքեր եւ այլ ցեղեր: Արցախեան հիմնահարցը անկիւնադարձային է հայոց պատմութեան մէջ, որովհետեւ անիկա միացուց հայ ազգին բոլոր հատուածները` սփիւռքէն հայրենիք, ազգը մէկ ձայն եղաւ: Եթէ այդ ժամանակաշրջանին հայ ազգը կորսնցնէր Արցախը, ապա այսօր պիտի նմանէինք ջայլամի մը, որ իր գլուխը հողին մէջ թաղած` նոյնիսկ պիտի չուզէր արեւի լոյսը տեսնել: Այն ժամանակ Արցախի յաղթանակը ոչ միայն ամրապնդեց ազգային գիտակցութիւնը եւ հպարտութիւն ներշնչեց, այլ նաեւ ամրապնդեց Զանգեզուրը: Բոլորիս ծանօթ է, որ արցախեան պատերազմը սկիզբն էր Սիւնեաց աշխարհի կործանման: Հետեւաբար, Հայաստանի կողմէ դիտուած, խնդիրը զուտ ազգային անվտանգութեան հարց է: Իսկ Արցախի համար ոչ միայն ազգային ինքնորոշման խնդիր էր, այլ` ֆիզիքական ոչնչացման վտանգին դէմ պայքար:

Պահ մը յիշենք Քոսովոն, ուր ՕԹԱՆ-ը, Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ, կրցաւ սերպերը պարտութեան մատնել, եւ 2008-ին շրջանը անկախութիւն հռչակեց: Այստեղ պէտք է նաեւ գիտնալ, որ Քոսովոն եղած է պատմական սերպական շրջան` քաղաքական ու նաեւ կրօնական դիտանկիւնէ դիտուած: Անշուշտ սերպերը չկրցան դէմ դնել այս արարքին, Արեւմուտքին կողմէ պատժուեցան իրենց գործած ոճիրներուն համար եւ կորսնցուցին իրենց պատմական հողը: Հոս սերպերը, հակառակ իրենց պատմական իրաւունքին, չկրցան թարգմանել այդ իրաւունքը գետնի վրայ, այլ ընդհակառա՛կն, մոլորեցան իրենց «Մեծն սերպական» ազգայնամոլական գաղափարներով եւ բախումներ ունեցան ոչ միայն շրջանի իսլամներուն, այլ նաեւ կաթողիկէ խրուաթներուն հետ: Հակառակ Արցախին, ուր միջազգային ընտանիքը ճնշումի կ՛ենթարկէր Հայաստանի կառավարութիւնը, որ գրեթէ մեկուսացուած էր, Սերպիա քաջալերուած էր ռուսական իշխանութիւններուն  եւ դրացի քրիստոնեայ ուղղափառ այլ երկիրներու կողմէ, սակայն ան չկրցաւ այդ քաղաքական հաւասարակշռութիւնը իր օգտին թարգմանել:

Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին հարցը տարբեր է ուրիշներէ: Հակառակ անոր որ այսօր մարզին տնտեսական եւ քաղաքական հաստատութիւնները  անկայուն են, սակայն անիկա ունի լաւ մարզուած բանակ մը, որ կրնայ դիմադրութիւն ցոյց տալ արտաքին յարձակումի դիմաց: Ասիկա կրնայ օգնել մարզին` շահելու արեւմտեան երկիրներու աջակցութիւնը, եթէ հակառակ պարագային Իրան, Թուրքիա կամ Իրաք մարտական գործողութիւններու դիմեն շրջանին դէմ: Ինչպէս այլ ազգեր, նոյնպէս ալ քիւրտերը իրաւունք ունին ազգային ինքնորոշման խնդիրին շուրջ, ոչ թէ որովհետեւ պատմական իրաւունք ունին այդ տարածքներուն վրայ, այլ պարզապէս որովհետեւ անոնք ժողովրդագրական պատկերով եւ քաղաքական այլազան իրողութիւններով այդ իրաւունքին տիրացած են, որովհետեւ տասնամեակներէ ի վեր իրաքեան կեդրոնական իշխանութիւնը բացակայ էր այդ վայրերէն: Այսօր Իրաքի ներկայ երիտասարդ սերունդին ներկայացուցիչներուն պարագային, քրտերէնը եւ ոչ թէ արաբերէնն է իրենց մայրենի լեզուն, փեշմերկան եւ ոչ թէ իրաքեան բանակն է իրենց ազգային բանակը, քրտականութիւնն է եւ ոչ թէ արաբականութիւնը իրենց ազգային դիմագիծը:  Հետեւաբար կեդրոնական իշխանութեան անկայունութիւնը եւ պատմականօրէն արաբական քաղաքականութիւնը որոշ չափով զգացուցին քիւրտերուն, որ իրենք իրաքեան ընտանիքին մաս չեն կազմեր, եւ այն քաղաքականութիւնը, որ որդեգրուած էր Սատտամի օրով, շարունակուեցաւ նաեւ նախկին վարչապետ Նուրի Մալիքիի իշխանութեան ժամանակ: Քիւրտերուն համար այլ ելք չկար, նոյնիսկ եթէ ժամանակը ի նպաստ իրենց չէր, եւ պատմականօրէն անոնք գրաւած են ասորական տարածքներ, սակայն կրցան պարտադրել իրենց ազգային ինքնորոշման հարցը այդ տարածքներուն վրայ` շնորհիւ իրենց ժողովրդագրական պատկերին: Աւելի՛ն. Պարզանի այս հանրաքուէով կրցաւ իր օրինականութիւնը պարտադրել ժողովուրդին եւ այլ քրտական կուսակցութիւններու վրայ:

Քաթալոնական անկախացման շարժումը, որ կը պայքարի Քաթալոնիոյ անկախացման եւ իբրեւ ինքնուրոյն պետութիւն հանդէս գալու համար, նպատակ ունի Քաթալոնիոյ պատմական հողերուն վրայ Սպանիոյ թագաւորութենէն անջատ պետականութիւն ստեղծել: Քաթալանները բազմիցս ապստամբած են կեդրոնական իշխանութեան դէմ եւ միշտ ալ պարտուած են: Իսկ 1871-ին անոնք Սպանիոյ կազմէն դուրս գալու եւ առանձին պետութիւն ստեղծելու առնչութեամբ բանակցութիւններու մէջ մտան կեդրոնական իշխանութեան հետ, սակայն` ապարդիւն: Հակառակ անոր որ Սպանիա ընդունեց Քաթալոնիոյ մշակոյթն ու լեզուն` իբրեւ առանձին ազգային լեզու, սակայն քաթալանները նաեւ կը փնտռէին քաղաքական շահեր: Անոնք դժգոհ էին, որ իրենց շրջանի հաշուոյն Սպանիոյ այլ քաղաքները կը բարգաւաճէին, իսկ կեդրոնական կառավարութիւնը ոչ մէկ ճիգ կը խնայէր Քաթալոնիան զարգացնելու ծրագիրներ որդեգրելու համար, հակառակ անոր որ համեմատած սպանական այլ շրջաններու` Քաթալոնիան շատ աւելի բարգաւաճ էր տնտեսապէս եւ կայուն էր` համեմատած պասքերու երկրին:

Հետեւաբար ազգային ազատ ինքնորոշման խնդիրը շրջանէ շրջան կը տարբերի ազգային, քաղաքական, պատմական, աշխարհագրական դիտանկիւնէ: Արցախի համար կը նկատուի իբրեւ ազգային անվտանգութեան խնդիր, Քոսովոյի համար  շրջանային եւ միջազգային բախումի հետեւանք է, քրտական ինքնավար մարզին պարագան ներքին խնդիրներու ցոլացում մըն էր, իսկ Քաթալոնիան` զուտ ազգային պատմական խնդիր: Հետեւաբար կարելի չէ այս շարժումներուն նայիլ հաւասար աչքով կամ նոյն դիտանկիւնէն, որովհետեւ անոնք առանձնայատուկ են քաղաքական, պատմական եւ աշխարհագրական առումներով:

Yeghia.tash@gmail.com

Ակնարկ. Երեւանը Կը Գտնուի Կամրջող Կարգավիճակ Ստանձնելու Սեմին

$
0
0

ԵԼՔ խմբակցութեան նախաձեռնութիւնը խորհրդարանին մէջ քննարկելու Հայաստանի Հանրապետութեան` Եւրասիական տնտեսական միութենէն (ԵՏՄ) դուրս գալու առաջարկի ճակատագիրը կանխորոշուած էր: Պարզ էր, որ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը համաձայն պիտի չըլլար այս քայլին, հիմնականին մէջ ռազմավարական կտրուկ շրջադարձ կատարելու պատճառներու եւ հետեւանքներու ուսումնասիրութեան, ինչպէս եւ հակառակը հիմնաւորող փաստարկներու դէմ հակափաստարկներու բացակայութեան պատճառով:

Առաջարկի քննարկման եւ եզրակացութեան կանխորոշուածութեան մասին իրազեկ էր նաեւ ԵԼՔ-ը բնականաբար: Խնդիրը սակայն ոչ թէ հարցի եզրակացութիւնն էր, որքան հարցի քննարկումը:

Պարզ է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կան, գոյութիւն ունին հակառուսական տրամադրութիւններ ժողովրդային եւ անշուշտ քաղաքական որոշ շրջանակներու մօտ: Կան նաեւ որոշ իրադարձութիւններ, որոնք կը նպաստեն «ապագաղութայնացման» համար խմորուող գործընթացներու զարգացման: Գոյք պարտքի դիմացէն սկսեալ մինչեւ ռազմական եւ ընդհանրապէս ռազմավարական ոլորտներու մէջ կախեալութեան երեւոյթը, անցնելով ԵՏՄ-էն ու ՀԱՊԿ-էն, հաշուելով նաեւ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու երբեմն ոչ գործընկերային պահուածքները Երեւանի նկատմամբ` կ՛օգտագործուին իբրեւ տարբեր փաստեր հակառուսական մթնոլորտի ձեւաւորման եւ նման միջպետական համաձայնագիրներէ արագ դուրս գալու քաղաքական նախաձեռնութիւններ առնելու համար:

Գործընթացային խմորումները բնականաբար աննկատ չեն անցնիր Արեւմուտքի կողմէ, որ մերթ լուռ, մերթ անուղղակի, երբեմն ալ ուղղակի քաջալերողի դերով կը յայտնուի ամէն պատեհ առիթ քաղաքականօրէն օգտագործելու պահուածքով:

Սակայն, հիմա, երբ թէ՛ Երեւանը եւ թէ՛ Պրիւքսելը, անուղղակիօրէն նաեւ Մոսկուան կը թուին որդեգրած ըլլալ «Ե՛ւ, ե՛ւ»-ի կամ «Թէ՛, Թէ՛»-ի տեսութիւնն ու անոր գործնականացումը, «Կամ, կամ»-ով առաջնորդուելու խնդիր կ՛առաջադրուի խորհրդարանին մէջ:

Երեւանի որդեգրած «Թէ՛, թէ՛»-ն կը վերաբերի նաեւ միւս կողմերուն: Նոյեմբերին ստորագրուելիք համաձայնագիրի մեկնարկով թէ՛ Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ) եւ թէ՛ ԵՏՄ-ն ընդունած կ՛ըլլան Երեւանի եզակի դերակատարութիւնը երկու միջազգային կազմակերպութիւններու միջեւ կապող օղակ հանդիսանալու փաստով: Փաստօրէն այս պահու դրութեամբ (աւելի ճիշդը` նոյեմբերի պահու դրութեամբ) Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դառնայ միակ երկիրը, որ ԵՏՄ-ի անդամ ըլլալով խոր եւ համապարփակ համաձայնագիրով համագործակցութիւն կը նուիրականացնէ ԵՄ-ի հետ:

Եւ եթէ պարզ էր, որ կամրջող օղակի Երեւանի այս կարգավիճակը կը բխի նաեւ Պրիւքսելի շահերէն, հետզհետէ կը յստականայ նաեւ, որ առնուազն չի հակասեր նաեւ Մոսկուայի շահերուն: Կարելի է առարկել անշուշտ, որ առեւտրական եւ ընդհանրապէս տնտեսական բաղադրիչի փոքրացումը այս համաձայնագիրին ճամբայ կը հարթէ նաեւ, որ Մոսկուան չ՛արգելակէ Երեւանի եւ Պրիւքսելի ընտրած այս ճանապարհներու ընթացքը: Այսուհանդերձ պարզ է, որ նման համաձայնագիրներ ըստ էութեան քաղաքական բնոյթ ունին, ինչ որ առաջնահերթ նշանակութիւն ունի այս պարագային եւս:

Երեւանի այս նոր կարգավիճակով անհանգիստ են բնականաբար թէ՛ Անգարան եւ թէ՛ Պաքուն: Երկուքն ալ եւրոպական կառոյցներու հետ իրենց համագործակցութեան ձեւաչափերը կորսնցնելու իրավիճակին մէջ կը գտնուին այսօր: Անհաւանական չեն այն բոլոր վերլուծումները, որոնք Պաքուին վերապահած են դերակատարութիւն Արցախի հարցի նշումի անհրաժեշտութիւնը պահանջելով փորձել խանգարել նոյեմբերին նախաստորագրութենէն ստորագրութիւն կայանալիք իրադարձութիւնը:

Թ՛է էրտողանական բռնապետակարգը եւ թէ՛ տնտեսաքաղաքական գայթակղութիւններով հարուստ թղթածրար ունեցող ալիեւեան վարչակարգը այսօր ԵՄ-ի նկատմամբ բարենպաստ յարաբերութիւններու իրավիճակ չեն պարզեր:

Նոյեմբերը հեռու չէ. իսկ մինչեւ նոյեմբեր, քաղաքական իրադրութիւններու ներկայ կացութիւնը կտրուկ շրջադարձներ արձանագրելու նախադրեալներ չի պարզեր: Երեւանը իրողապէս կամրջողի կարգավիճակ ունենալու սեմին է:

 

«Ա.»

Երթա՛ս Բարով, Ազնի՛ւ Ընկեր (Սիմոն Մնակեանի Յիշատակին)

$
0
0

Իրաւամբ դժուար է մահագրութիւն գրել կամ դամբանական խօսիլ հարազատի մը, ընկերոջ մը, մտերիմի մը, հուսկ` սիրելիի մը:

Շատերուն ծանօթ Սիմոն Մնակեանը արդէն առյաւէտ բաժնուած է մեզմէ: Անողոք հիւանդութիւնը շատ արագ խլեց անոր կեանքը ու առաւ-տարաւ զինք անդենական: Եւ հիմա որ չկայ ան, հարց կու տանք, թէ ի՛նչ ձգեց իր ետին` իբրեւ ազգային, մշակութային, կուսակցական նուիրեալ:

Սիմոնը ամէն բանէ առաջ եղաւ մշակոյթի մարդ ընդհանրապէս եւ հա՛յ մշակոյթի երկրպագու` յատկապէս, որուն ծառայեց ամբողջ կեանք մը` բանիւ եւ գործով: Պէյրութի Ճեմարանի շրջանաւարտ, լիբանանահայ բեմէն մինչեւ Պելճիքա, ուր մասնագիտական ուսում ջամբեց թատրոնի ու գրականութեան մէջ, ապա մինչեւ Ֆրանսա, ուր ապրեցաւ շուրջ չորս տասնամեակ, եւ ուր կազմեց ընտանիք, Սիմոնը եղաւ մշտական ներկայութիւն: Ոգի ի բռին կառչեցաւ մեր մայրենիին, պայքարեցաւ յատկապէս արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանութեան ի խնդիր, բեմադրեց, դեր խաղցաւ, բեմագրե՛ց` յամառօրէն, համոզումով, արհամարհելով յաճախ աժան, անորակ, դատարկ, ծանծաղ ու անհիմն այսպէս կոչուած չակերտեալ այն տեսակէտները, թէ` «զո՞վ կը հետաքրքրէ մեր օրերուն հայերէնով թատրոնը» …

Յատկապէս Մարսէյի մէջ մեծ է Սիմոնին երախտիքը, այս անգամ ոչ միայն թատրոնի, գիրի, գրականութեան, արուեստի անդաստանին մէջ, այլ նաեւ` ազգային-կուսակցական: Ան երկար տարիներ իբրեւ յանձնառու համազգայնական անխոնջ ծառայեց Մարսէյի Ճեմարանին` որպէս պատասխանատու մարմինի անդամ: Միաժամանակ ան անսայթաք գործեց գաղափարական իր շարքերուն մէջ` թէ՛ իբրեւ պարզ ընկեր, թէ՛ իբրեւ ամբողջ սերունդի մը պատանեկան-երիտասարդական վարիչ-դաստիարակ, թէ՛ իբրեւ կոմիտէի անդամ, թէ՛ իբրեւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ: Ամէնուրեք գործեց լուռ, համեստ, բարի, ազնիւ, մաքուր ու պարկեշտ վարքագիծով, յար եւ նման` իր նկարագիրին, Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան, Ծրագիրին ու Կանոնագիրին նկատմամբ խոր հաւատքով ու մանաւանդ ժողովրդավար ուղեգիծով: Հաճելի էին Սիմոնին հետ երկա՜ր, անկեղծ ու սրտբաց մեր գլուխ-գլխի զրոյցներն ու քննարկումները` ծխախոտի անյագ սպառումով ու սուրճի կամ գինիի ըմբոշխնումով, կամ` ժողովներու մէջ մեր բանավէճերը, մանաւանդ երբ խիստ տարակարծիք ըլլայինք: Ան միշտ կը հիմնաւորէր իր ընդդիմութիւնը կամ տարակարծութիւնը, մինչեւ վերջին հանգրուան աննահանջ կը պայքարէր անոր ի պաշտպանութիւն, մինչեւ` տուեալ հարցի քուէարկութիւն. այստեղ է միայն, որ կը զիջէր մեծամասնութեան կամքին դիմաց, կ՛ընդունէր ու կը յարգէր այդ որոշումը ու կը հետեւէր անոր, նոյնիսկ եթէ դէմ քուէարկած էր ինք այդ հարցին, կէտին կամ տեսակէտին: Քիչեր այսօր ունին Սիմոնին այս սքանչելի եւ վեհ վարքագիծը, ժողովրդավարական ըմբռնումը, որ խորքին մէջ յատուկ է, բառին իսկական իմաստով, դաշնակցականին: Եւ ահա ամէնէն աւելի ա՛յս երեւոյթն է, որ պիտի փնտռենք, եւ որ պիտի պակսի մեզի իր մեկնումով, կրնամ ըսել` վաղաժամ մեկնումով:

Վա՛րձքդ կատար, սիրելի՛ Սիմոն, ընկե՛ր Սիմոն: Յարգա՛նք` վաստակիդ:

Գաղափարակիցդ`
Հ. ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ

 


Հեզ Ու Պարտականութեան Գիտակից Սագոյին Յիշատակին

$
0
0

Արդէն իսկ քառասուն օրեր անցած են Սագօ Ջուլճեանի այս աշխարհէն առյաւէտ հեռանալուն: Անոր մահուան գուժը խոր սուգի մատնեց իր հարազատներն ու իր գաղափարակից ընկերները:

Զինք ճանչցած ենք մատղաշ հասակէն: Եղած է շրջանի պատանեկան միութեան անդամ, ապա ԼԵՄ-ական եւ վերջապէս` կուսակցական:

Լուռ կը գործէր` ամենայն բծախնդրութեամբ կատարելով իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւնները:

Իր հեզ ու խոնարհ վարմունքով սիրաշահած էր բոլորը:

Անկարելի է հանդիպիլ ոեւէ մէկուն, որ կրնար նեղացած եւ կամ վշտացած ըլլար Սագոյէն:

Հաւատարիմ իր աշխատանքէն, իր սկզբունքներուն եւ ընկերներուն:

Դժուար էր պատկերացնել անոր բացակայութիւնը մեր շրջապատէն:

Վաղահաս մահը կանուխ խլեց զինք` ճմլելով մեր բոլորին սիրտերը:

Թող հողը վրադ թեթեւ գայ, սիրելի՛ ընկեր:

Յիշատակդ անթառամ:

ՍԳԱԿԻՐ ԸՆԿԵՐ ՄԸ

Կոմսոմոլը եւ Տիկ. Նարինէ Թուխիկեանը

$
0
0

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Քաղաքականութեան մէջ աժան եւ անհիմն պիտակաւորումը պարզապէս քաղաքական տհասութիւն կ՚ենթադրէ։ Իբրեւ այդպիսին, պիտակաւորող կողմը ոչ միայն ինքզինք կը նուաստացնէ, այլ նաեւ ան կը կորսնցնէ իր հաւատալիութեան հանգամանքը հանրութեան առջեւ։ Միաժամանակ, նման անլուրջ որակումներով ան խնդրական կը դարձնէ իր պաշտպանած հարցին անկեղծութիւնը։

Ցաւալիօրէն այս յոռի կեցուածքին ականատես դարձանք մի քանի օր առաջ, երբ Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի տնօրէն Տիկին Նարինէ Թուխիկեան Հոկտեմբեր 3ին Թերթ.am-ի շնորհած իր մէկ հարցազրոյցին, ի միջի այլոց, կատարեց հետեւեալ ծիծաղաշարժ պիտակաւորումը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հասցէին։ Ան հանգամանօրէն եւ ամենայն լրջութեամբ յայտարարեց, թէ «Դաշնակցութեան այսօրուայ պարագլուխներն ուղղակի վերափոխուած կոմսոմոլներ են։»

Կոմսոմոլէն շրջանաւարտներուն թիւը անհամար է հայրենիքի մէջ։ Խորհրդային շրջանին պարտադիր էր կոմերիտականի, այսինքն կոմունիստ կուսակցութեան երիտասարդական միութեան՝ կոմսոմոլին անդամակցութիւնը։ Գոյութիւն ունէր նաեւ պիոներական կառոյցը՝ պատանիներու համար։ Պիոներական շարքերէն անցնելով պատանին կը միանար կոմսոմոլին, եւ ապա կը միանար կոմունիստ կուսակցութեան շարքերը։ Թերեւս Տիկ. Թուխիկեան ինք եւս անցած է այդ գործընթացէն։ Բայց հարցը այդ չէ։

Հարցը այն է, որ Տիկ. Թուխիկեան ի՛նք «կոմսոմոլ»ի անհիմն պիտակաւորումը կ՚արձակէ Դաշնակցութեան հասցէին։

Պէտք է լուրջի առնել Տիկ. Թուխիկեան խօսքերը։ Ան թանգարանի կարող տնօրէն է։ Իմացականութեամբ օժտուած անձնաւորութիւն է։ Գիտէ լուրջը անլուրջէն զանազանել։ Մայրենի լեզուին հանդէպ նախանձախնդիր մտաւորական է։ Առաքինութիւններ, որոնք միայն յարգանք կրնան պարտադրել։

Հետեւաբար, պէտք է քննել Տիկ. Թուխիկեանի պիտակաւորման պատճառները եւ այն գծով իր դրսեւորած հիմնաւորումները։

Տիկ. Թուխիկեանին համար «Դաշնակցութեան այսօրուայ պարագլուխներն ուղղակի վերափոխուած կոմսոմոլներ են», որովհետեւ, ըստ իրեն, «բոլոր օտար լեզուները օրէնքով պէտք է մէկ սանդղակում լինեն, իսկ հայերէնը պէտք է բացառիկ նշանակութիւն եւ իրաւունքներ ունենայ»։ Դարձեալ ըստ իրեն, Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի ռուսերէն լեզուի առնչութեամբ ներկայացուցած հայեցակարգը նախապատուութիւն կու տայ ռուսերէնին՝ ի տարբերութիւն միւս օտար լեզուներու։

Ուրեմն, ըստ Տիկ. Թուխիկեանին, քանի որ Լեւոն Մկրտչեան Դաշնակցութեան անդամ է, հետեւաբար Դաշնակցութիւնը իր կարգին նախընտրութիւն կը տրամադրէ ռուսերէնին։ Ուստի, Դաշնակցութեան «պարագլուխները վերափոխուած կոմսոմոլներ» են։

Օրէնքները կը մշակուին, կ՚որդեգրուին եւ կը գործադրուին երկրին ու ժողովուրդին բարօրութեան համար։ Քաղաքացիին թէ՚ իրաւունքը եւ թէ պարտաւորութիւնն է շահագրգռուիլ առաջադրուած օրինագծով, քննարկել եւ քննադատել զայն, ընդդիմանալ կամ բարեփոխութեան առաջարկներ ներկայացնել։ Ազդեցութիւն բանեցնել օրէնսդիր իշխանութեան վրայ՝ ի նպաստ կամ ընդդէմ օրինագծին։ Ասիկա անբաժան եւ էական մասն է ժողովրդավարութեան գործընթացին։

Ինչպէս որեւէ քաղաքացիի, նաեւ Տիկ. Թուխիկեանի իրաւունքն է նման գործընթացի ճամբով քննարկել, քննադատել, ընդդիմանալ, կամ բարեփոխել օտար լեզուներու վերաբերող առաջադրուած օրինագիծը։ Այս ուղղութեամբ ոչ մէկ տարակարծութիւն կրնայ գոյութիւն ունենալ։ Բայց այս բոլորը կատարելու համար պէտք է քաղաքացին իրազեկ եւ ուսումնասիրած ըլլայ ներկայացուած օրինագիծը։

Առանց իմանալու օտար լեզուներու վերաբերող հայեցակարգի բովանդակութեան, կարելի չէ առարկայական եւ լուրջ պատկերացում ունենալ։ Առանց լիովին հետեւած ըլլալու կրթութեան նախարարի բացատրութեան, կարելի է միայն յանձնապաստան եզրակացութիւններու յանգիլ։ Տիկ. Թուխիկեանի պիտակաւորումը կը բխի ճիշդ այս անտեղեակութենէն։ Թերեւս կ՚արժէր իմանալ Հանրային Խորհուրդի Հոկտեմբեր 2ի նիստին նախարար Մկրտչեանի բացատրութիւնները եւ ապա դիմել անհարկի պիտակաւորումի։ Մկրտչեան իր բառերը չծամծմեց։ Այսպէս,

Առաջին. Հայաստանի Հանրապետութեան միակ պետական լեզուն հայերէնն է, մնացած բոլոր լեզուները օտար լեզուներ են, եւ բոլոր օտար լեզուներու համար պէտք է մշակել հայեցակարգ:

Երկրորդ, նախապէս մշակուած եւ հանրային քննարկման ներկայացուած է օտար լեզուներու՝ անգլերէնի, ֆրանսերէնի և գերմաներէնի հայեցակարգը։ Դժբախտաբար, այս հայեցակարգը բացարձակապէս հանրային ուշադրութեան չարժանացաւ:

Երրորդ, ապա քննարկման ներկայացուեցաւ ռուսերէնի հայեցակարգը։ Անմիջապէս այս հարցը անհարկիօրէն մտաւ քաղաքական տիրոյթ եւ սկսան անտեղի շահարկումներ:

Նախարար Մկրտչեան բացատրութենէն մէկ օր ետք, Տիկ. Թուխիկեան չուշացաւ միանալու ներկայացուած օտար լեզուներու հայեցակարգի քաղաքականացման արշաւին՝ թէկուզ անգիտակցաբար։

Հայրենիքի մէջ կը բանին հարցերը քաղաքականացնելու եւ առճակատման մթնոլորտ ստեղծելու մշակոյթի մասնագիտացած շրջանակներ, որոնք նոյնիսկ կրթական ոլորտէն ներս ամենէն օգտաւէտ կերպով օտար լեզուներու դասաւանդումը վերածեցին քաղաքական խնդրի։

Ճօճուեցաւ ռուսականացումի վտանգը, երկրի մը մէջ ուր ժողովուրդը ամէն գնով ձախողութեան մատնած էր լենինեան թէ ստալինեան ռուսականացման փորձերը։ Այդ պայքարին մէջ առաջին դիրքերու վրայ եղաւ եւ կը մնայ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը։ Հայաստանի կոմկուսը ռուսականացման ծրագիրներու խափանման գերակշիռ աղբիւր կը նկատէր Դաշնակցութիւնը եւ Դաշնակցութեան ազգայնամէտ վարքագիծը հայութեան ու Հայաստանի վերաբերող բոլոր բնագաւառներէն ներս։

Նաեւ այսօր, հայրենիքի մէջ որոշ շրջանակներու հակադաշնակցական հիսթերիան կը բխի ճիշդ այն փաստէն եւ փորձառութենէն, որ Դաշնակցութիւնը կ՚ապացուցէ ազգային արժէքներն ու շահերը ամէն բանէ վեր պահելու յանձնառութեամբ։ Առ այդ, զարմանալի չէ որ որոշ շրջանակներ աջ ու ահեակ կը փորձեն հակադաշնակցականութեան խռպոտ մունետիկները դառնալ։

Կրթական հարցի մը անտեղի քաղաքականացման եւ Դաշնակցութեան հասցէին անճիշդ պիտակաւորման հարթակին վրայ պէտք է ընկալել Տիկ. Թուխիկեանի անհիմն որակումը Դաշնակցութեան մասին։ Այլապէս, վերոնշեալ հարցազրոյցի ընթացքին իր առողջ դիրքորոշումները հայեցի լեզուի ամրապնդման եւ հայրենաճանաչողութեան մասին միայն կրնան ողջունելի ու քաջալերելի ըլլալ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը տարբեր բան չէ ըսած եւ պիտի չըսէ, տարբեր չէ գործած եւ պիտի չգործէ։

Լոս Անճելըս,
Հոկտեմբեր 5, 2017

«Ե՛ւ, Ե՛ւ»ը 127 Տարեկան Է

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Մօտաւորապէս չորս տարի առաջ այս օրերուն, Մոսկուայի մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան ստորագրեց Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) միանալու համաձայնագիրը։ Լուրը անակնկալ մըն էր նոյնիսկ Հայաստանի քաղաքական շրջանակներէն ներս։

Մինչ այդ սակայն, զուգահեռաբար ԵՏՄին, Եւրոպական միութեան հարեւանութեան բանակցութիւններ եւս կը վարուէին։ Եւրոպական միութիւնը այս թղթածրարին ղեկավարումը յանձնած էր Լեհաստանին։ Եւրոպական միութիւնը Հայաստանին պայման դրած էր «կա՛մ ԵՄին հետ, կա՛մ՝ ԵՏՄին»։ Վահան Յովհաննիսեանի վկայութեամբ, եւրոպացիներուն հետ բանակցութիւններուն ընթացքին, երբ հայկական կողմը հարցուցած էր, որ լաւ, ձեզի հետ համաձայնագիր ստորագրելու պարագային, դուք, օրինակի համար, պիտի գնէ՞ք հայկական քոնիակը. եւրոպացիներուն պատասխանը եղած էր կտրուկ ո՛չ մը։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան մեկնեցաւ Լեհաստան, փորձելով տարհամոզել լեհերը, որ հարցին մօտենան «ե՛ւ, ե՛ւ» սկզբունքով։ Սակայն ԵՄը մնաց անդրդուելի։

Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատկերացումով, հայութեան ու Հայաստանի համար երբեք նպաստաւոր չէ այս կամ այն կողմին հետ կապերը խզելով միայն մէկ ուժի հետ գործակցելու գաղափարը։ Մեզի համար նպաստաւոր է թէ՛ ռուսական եւ թէ՛ եւրոպական կողմին հետ միաժամանակ գործակցութիւնը։ Հետեւաբար, երբ Մոսկուայի մէջ ՀՀ նախագահը ստորագրեց ԵՏՄի համաձայնագիրը, Հ.Յ.Դ.ն իր այս կեցուածքը արտայայտող յայտարարութիւն հրապարակեց։

Հիմա փոխուած է եւրոպական կեցուածքը։ Փաստօրէն ԵՄը հրաժարած է «կա՛մ մեզի հետ, կա՛մ ԵՏՄին հետ» իր նախկին որոշումէն։ Այսօր Հայաստանի եւ ԵՄի հետ նշեալ համաձայնագրի ստորագրութեան համար ստեղծուած են նպաստաւոր պայմաններ։

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ եւ Հայաստանի խորհրդարանի անդամ Արմէն Ռուստամեան, խօսելով ԵՏՄէն դուրս գալու հարցը քննելու «Ելք» խմբակցութեան առաջարկին մասին, մերժեց այդ նախաձեռնութեան տրամաբանութիւնը եւ շեշտեց կարեւորութիւնը երկու կողմերուն հետ գործակից դառնալու վարքագիծին։ Մօտեցում մը, որ մաս կը կազմէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան քաղաքական մտածողութեան՝ հինէն ի վեր։

Այսպէս, մեզի համար ուժի յենարաններ ստեղծելու տրամաբանութեամբ էր, որ անցնող դարու սկիզբները, գլխաւորաբար Քրիստափոր Միքայէլեանի գործնական ջանքերով, Եւրոպայի մէջ սկսանք «Փրօ Արմենիա»ն, որ իրականութեան մէջ ոչ միայն հրատարակութիւն մըն էր, այլ՝ ամբողջ քաղաքական աշխատանք մը խորհրդանշող երեւոյթ։ Հայ ժողովուրդին մղած ազգային ազատագրական պայքարին համար Եւրոպայի մէջ վստահելի քաղաքական ու գաղափարական զինակիցներ գտնելու ճիգը անհրաժեշտ էր։ Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, երբ ցարական կայսրութեան մէջ 1905ին տեղի ունեցան յեղափոխական խմորումները, Դաշնակցութիւնը կանգնեցաւ ժողովրդավարացման գործընթացներու կողքին, միաժամանակ լծուելով Կովկասի մէջ հայ ժողովուրդի թէ՛ ֆիզիքական ապահովութեան արիւնոտ գործին եւ թէ՛ հայ աշխատաւորութեան շահերու պաշտպանութեան պայքարին։ Մէկ խօսքով, թէ՛ Եւրոպայի մէջ եւ թէ՛ ռուսական կայսրութեան մէջ, Դաշնակցութիւնը փորձեց հայութեան համար ուժի յենարաններ ստեղծել։
Դաշնակցութեան քաղաքական միտքը անցաւ քայլ մը անդին, երբ զինակցութիւն կնքեց մակեդոնացիներու հետ, որոնք իրենց կարգին պայքար կը մղէին օսմանեան բռնատիրութեան դէմ։ Առաւել, նոյն տրամաբանութեամբ էր նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը ուղղակի մասնակից դարձաւ Պարսկաստանի սահմանադրական շարժումին։ Այս վերջին կէտը բնաւ «հաճելի» չէր ցարական իշխանութիւններուն համար, որովհետեւ անոնք չէին կրնար հանդուրժել, որ իրենց սահմանակից Պարսկաստանը ղեկավարուի սահմանադրական կարգերով. այնպէս որ, պատահական չէին նոյն այդ իշխանութիւններուն կողմէ Դաշնակցութեան դէմ մղուած հալածանքը, ձերբակալութիւններն ու ատոնց յաջորդած աքսորները։

Բայց քանի որ «դաշնակցականները յամառ մարդիկ են» (գործածելով նոյն Վահան Յովհաննիսեանի դիպուկ բնորոշումը), մեր պայքարը չդադրեցաւ, որովհետեւ ատիկա կը բխէր Հայաստանի ու հայութեան շահերը ամէն բանէ վեր դասելու մեր մտածողութենէն։

Քաղաքական փոթորիկներու մէջ նաւարկելու համար, այս սկզբունքը դարձած էր մեր կողմնացոյցը։ Արդարեւ 1920ին, երբ Հայաստանի հանրապետութիւնը Սեւր առաքած էր Աւետոս Ահարոնեանի պատուիրակութիւնը, միւս կողմէ ալ Մոսկուա առաքած էր Լեւոն Շանթը՝ տեղւոյն համայնավար իշխանութիւններուն հետ Հայաստանի ի շահ նպաստաւոր պայմաններով համաձայնագիր կնքելու նպատակով։ Ուրիշ հարց, որ Շանթի առաքելութիւնը իր բաղձալի արդիւնքը չտուաւ. սակայն ատիկա այլ նիւթ է եւ չի վերաբերիր մեր որդեգրած քաղաքական սկզբունքային կեցուածքին։

Եղեռնի յիսնամեակէն ետք, Դաշնակցութիւնը վերամշակեց ու վերահաստատեց իր կեցուածքը, որ 1968ին դրսեւորուած էր «Ազդակ ֊ Շաբաթօրեակ Դրօշակ»ին մէջ լոյս տեսած խմբագրականով մը։ Մեր պաշտօնաթերթի օգնական խմբագիր Սարգիս Զէյթլեանի գրիչին պատկանող եւ «Հայկական օրիանտացիա» խորագիրը կրող այդ խմբագրականին մէջ (թերթի 6րդ թիւին մէջ), հետեւեալը կ’ըսուի. «Կը հարցնենք ուղղակի.֊ ի՞նչ է հայ ժողովուրդի քաղաքական նպատակը։

«Կը պատասխանենք անվարան.֊ Հայ դատի լուծումը, Միացեալ Հայաստանի եւ անկախ ու ամբողջական հայութեան վերակերտումը»։

Խմբագրականը կը շարունակէր հաստատելով. «… հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերու ապահովութիւնը արտաքին արեւելումի հարց չէ անպայման, այլ գլխաւորաբար՝ ներքին ամրութեան … Էականը այն չէ, թէ մենք որո՞ւ հետ ենք եւ ի՛նչ չափով թեր ենք այս կամ այն քաղաքական արեւելումին կամ ճակատին. Էականը այն է, թէ ո՛վ թեր է եւ հետամուտ Հայ դատի լուծման եւ ինչ համեմատութեա՛մբ թեր է»։ Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, խմբագրականը կը յայտարարէր. «Մենք դէմ ենք բոլոր անոնց, որոնք Հայ դատը կ’ուզեն վերածել ռուսական հարցի մէկ բաղկացուցիչ մասնիկին, նաեւ բոլոր անոնց, որ զայն պիտի ուզէին արեւմտաեւրոպական կամ ամերիկեան հարցին մէկ բաղկացուցիչ մասին վերածել»։

Մէկ խօսքով՝ կը մերժենք այս կամ այն ուժին լծակից, «պոչ», կամ հետեւորդը դառնալ։ Մենք կը հետապնդենք հայութեան ու Հայաստանի շահերը ու մեր այս ճիգին մէջ, այս կամ այն ուժի կեդրոններուն հետ մեր գործակցութիւնը կը հետապնդէ միայն ու միայն ա՛յս նպատակը։

Հետեւաբար նաեւ, երբ Արմէն Ռուստամեան շեշտեց կարեւորութիւնը թէ՛ ԵՏՄի եւ թէ՛ Եւրոպական միութեան հետ միաժամանակ գործակցելուն, իրականութեան մէջ այդ ձեւով ան ցոյց կու տար Դաշնակցութեան հետեւողականութիւնը այս հարցին մէջ։ Կեցուածք մը, որ յայտարարուած էր նաեւ օրին՝ ԵՏՄի հետ համաձայնագրի ստորագրումէն անմիջապէս վերջ։

Այսօր, պաշտօնական Երեւանը փաստօրէն որդեգրած է դաշնակցական քաղաքական միտքին կողմէ վաղուց որդեգրուած «ե՛ւ, ե՛ւ»ի մօտեցումը, որ ինչպէս տեսանք՝ 127 «տարեկան» է։

Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ ամէն ինչ չէ, որ դրական ընթացք ունի։ Սակայն անուրանալիօրէն, այս վարքագիծը կրնայ միայն բարիք բերել մեր երկրին ու ժողովուրդին, պայմանով, որ ռազմավարական այս խնդրին մէջ, կարենանք տեսնել օրուան մարտավարական անհրաժեշտութիւնները։ Այսինքն, կարենանք առաւելագոյն չափով օգտուիլ թէ՛ ԵՏՄի եւ թէ՛ ԵՄի հետ մեր գործակցութենէն։
Իսկ ատոր համար, հայութեան ու Հայաստանի ներքին խոհանոցը կարգի բերելու խնդիրը սուր կերպով կը մնայ սեղանի վրայ։

Լոս Անճելըս
5 Հոկտեմբեր 2017

«Ճիշդ Չէ` Հայրենիքի Հետ Կապի Եւ Հաղորդակցութեան Ընթացքին Յուսահատիլը». Զաւէն Խանճեան

$
0
0

Զրուցեց ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

2018 թուականին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը պիտի տօնէ հիմնադրութեան 100-ամեակը: Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անկախութենէն ետք մեծ է Ընկերակցութեան ներդրումը հայրենիքի մէջ:

Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի հետ զրոյցին «Հայերն այսօր»-ը փորձած է յետադարձ հայեացքով ներկայացնել մէկդարեայ պատմութիւն ունեցող կառոյցի գործունէութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ 100-ամեայ անցած ճանապարհը:

– Պարո՛ն Խանճեան, Դուք մասնակցեցաք «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին, եւ մեր զրոյցը կը ցանկայի համաժողովէն սկսիլ: Ինչպէ՞ս կ’ամփոփէք այն:

– Խօսքս կը ցանկամ երկու դիտանկիւնէ արտայայտել:

Առաջին` ստեղծուած մթնոլորտն էր` փոխադարձ վստահութեան` շատ ջերմ, լաւ պատրաստուած, եղբայրական, տաքուկ, ուր յայտնուելով`կը զգայիր, որ հայ ժողովուրդը կորիզ ունի, կիզակէտ, որուն զաւակներն աշխարհի չորս կողմերէն հաւաքուած են, միացած. Ոմանք կը ծանօթանան, շատերը հին ծանօթութիւնները կը նորգեն: Օգտակար իրավիճակ, քանի որ այդ ծանօթութիւնները կրնան ընդլայնուիլ, արդիւնաբերել տարբեր ձեւերով: Համախմբումն, իսկապէս, շատ ուրախալի, նաեւ ջերմ ու արդիւնաբեր է: Նաեւ դժուար աշխատանք, որովհետեւ  հեշտ չէ 1000-է աւելի պատուիրակներ հաւաքել աշխարհի չորս կողմերէն: Այս առումով կը գնահատեմ ինչպէս Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, այնպէս ալ աշխատակիցներու կատարած աշխատանքը:

Կ’ուզեմ առանձնացնել նաեւ կամաւորներու ներկայութիւնը համաժողովին: Շատ լաւ պատրաստուած երիտասարդներ, որոնք մեզի համար ուղեցոյց եղան, մեր քարտէզն այդ երեք օրերուն ընթացքին: Չեմ յիշեր` նախկին համաժողովներուն կա՞ր նման բան, թէ՞ ոչ, բայց նախաձեռնութիւնը շատ գովելի է:

Երկրորդ` կազմակերպչական, միասնականութեան առումով համաժողովի չորս ուղղութիւններու բաժանումը շատ ճիշդ եղած էր: Իւրաքանչիւր մարդ ընտրութեան հնարաւորութիւն ունէր, եւ մասնակցելով այս կամ այն քննարկման` կրնար գործնականի մէջ հետեւիլ ծրագիրի ընթացքին եւ իր մտքերն արտայայտել:

Ինչ կը վերաբերի փոխադարձ վստահութիւն ստեղծելուն եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելուն, մեզի յուզող հարցերը քննելուն եւ լուծումներ գտնելուն, պէտք է նշեմ, որ կար առաջարկութիւններու հարթակ, որ շատ լաւ կը կազմակերպէին նիստավարները: Եթէ որեւէ հարցի շուրջ մարդիկ տարակարծիք էին, իրենց տեսակէտը կը ցանկային արտայայտել, նիստավարը անոնց խօսելու հնարաւորութիւն կու տար` փորձելով հասկնալ, թէ ինչպէս կրնայ լուծուիլ, շտկուիլ այդ հարցը: Այս երեւոյթը նոյնպէս շատ դրական կը համարեմ:

Իսկ ժողովի ամբողջական ընթացքին, քննարկուած հարցերու լուծման ճիշդ գնահատական տուողը միայն ժամանակը կրնայ ըլլալ:

Մինչ համաժողովը ժխտական կարծիքներու որոշ ալիք  բարձրացած էր Սփիւռքի մէջ, որ հիմնականին մէջ հիմնուած էր նախորդ համաժողովներու արդիւնքներու իրականացման վրայ: Իմ կարծիքովս այդ մարդիկ պակաս հայրենասէր չեն, քան վերջին համաժողովի մասնակիցները: Անոնք պարզապէս յուսախաբութեան, յուսահատութեան պատճառով` որոշած էին չմասնակցիլ: Չեմ ուզեր քննադատել անոնց կամ արդարացնել, բայց կը կարծեմ, որ ճիշդ չէ` հայրենիքի հետ կապի եւ հաղորդակցութեան ընթացքին յուսահատիլ: Կրնանք  պահ մը յուսալքուիլ, յուսահատիլ, բայց միշտ պէտք է դրական մօտեցում ցուցաբերել, դրական արտայայտութիւններ ընել, լաւը փնտռել, լուծումներ որոնել, աւելի խիզախ ըլլալ մեր արտայայտութիւններուն մէջ:

Ես սկիզբէն ի վեր հանգիստ  եղած եմ նախ ինքզինքիս հետ, արտայայտած եմ այն` ինչ մտածած եմ: Այդ պատճառով դժուարութիւններ չեմ ունեցած մեր հանդիպումներուն, երկխօսութեան ընթացքին: Դժուարութիւն չեմ ունեցած ներկայ ըլլալու, որոշելու, որ կարեւոր է մեր մասնակցութիւնը այս համաժողովին: Շատ լաւ բաներ սերտուեցան, կարեւոր նիւթեր  տեղ գտած էին օրակարգին մէջ, որոնք կապ ունին մեր ժողովուրդի կեանքին հետ:

Հայրենիքի հողը սուրբ է մեզի համար, բայց Հայաստանի ամենակարեւոր, գերկարեւոր արժէքը` մարդ էակն է, հայ քաղաքացին: Այն ամէն ինչ մենք կը ծրագրենք, կը մտածենք, կ’որոշենք` անոր համար է: Ու եթէ կը ցանկանք արդար գնահատականը տալ համաժողովներուն, պէտք է երբեմն նաեւ մեր քաղաքացիներուն հարցնել:

– Պարո՛ն Խանճեան, մայիս 28-ին Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ ունեցած աւանդի համար Ձեզի պարգեւատրեց «Երախտագիտութեան մետալով»: Համաժողովինօրերուն հանդիպեցաք Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանին եւ Արցախին մատուցած ծառայութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան 100-ամեակին առիթով Ձեզ փոխանցուեցաւ Ընկերակցութեան շնորհուած «Երախտագիտութեան մետալը»: Ընկերակցութեան համար ի՞նչ նշանակութիւն ունի պարգեւատրումը: Կը խնդրէի նաեւ, որ խօսիք այն օժանդակութիւններուն, ծրագիրներուն մասին, որոնք կ’իրականացնէք Արցախի մէջ:

– Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը կրնայ հպարտութեամբ յայտարարել, որ Անկախութեան առաջին օրերէն եղաւ Արցախ եւ իր ծառայութիւնները սկսաւ մատուցել:

Արցախը մեր գերխնդիրներու կիզակէտն է: Արցախի անկախութեան հզօրացումը, խարսխումը գերխնդիր է ազգի համար: Բոլորս պարտաւոր ենք հնարաւոր ամէն բան ընել` օգտակար ըլլալու Արցախին, հզօրացնել Արցախի պետութիւնը: Շահած ենք պատերազմը, բայց ոչ` խաղաղութիւնը, որ տակաւին կը շարունակէ որպէս տագնապ մնալ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ Արցախի համար: Մենք պէտք է օգտագործենք մեր կարողութիւնները, որպէսզի շահինք Արցախի խաղաղութիւնը:

Արցախի ժողովուրդը չի կրնար իր հանգիստ, արժանապատիւ կեանքը շարունակել, երբ տակաւին խաղաղութեան ապահովութիւնը չկայ:

Ինչ կը վերաբերի գնահատանքին եւ երախտիքին, որ մեզի փոխանցուեցաւ, ես կրնամ միայն խոնարհիլ այդ ժողովուրդին եւ անոր ներկայացուցիչ Նախագահ Բակօ Սահակեանի առջեւ, որ մեզի այդ ձեւով պատուեց, որովհետեւ մենք մեր պարտականութիւնը կը կատարենք: Ապաւինելով մեր ազգային, քրիստոնէական ոգիին` մեր ծրագիրներով օգտակար կ’ըլլանք մեր ժողովուրդի հոգեւոր, կրթական եւ ֆիզիքական պէտքերուն:

Գնահատանքը եւ երախտիքը մեզի առաւել յանձնառու կը դարձնէ, որպէսզի աւելի մեծ ճիգով, մեր ծառայութիւնները ընդլայնելով` շարունակենք օժանդակել Արցախի ժողովուրդին:

– Պարո՛ն Խանճեան, անցնող տարիներուն ընթացքին Ընկերակցութիւնն իր օժանդակութիւններով սատար կանգնեցաւ նաեւ Սուրիոյպատերազմէն տուժած մեր հայրենակիցներուն:

– Հինգ տարի շարունակ սուրիահայութեան տագնապը Սփիւռքի, եւ ո՛չ միայն, գերխնդիրն էր: Ժամանակաւոր  կերպով ես այն ազգային աղէտ կը համարեմ:

Սուրիահայ գաղութը սփիւռքահայութեան խարիսխն է: Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած հայ մարդը  փրկութիւն գտաւ եւ հաստատուեցաւ այդ հիւրընկալ քաղաքին մէջ, որ եւ դարձաւ Սփիւռքի Մայր գաղութը:

Գաղութի կորուստը ահռելի ցնցում էր ողջ Սփիւռքի, սփիւռքահայութեան համար: Կը կարծեմ` սուրիահայութեան վնասը` ֆիզիքական, նիւթական ու մարդկային` անգնահատելի է եւ, դժբախտաբար, անվերադարձ:

Սուրիոյ պատերազմը անակնկալ էր ո՛չ միայն Սփիւռքի համար, այլեւ` Սուրիոյ: Եւ Ընկերակցութիւնն առաջին իսկ օրերէն սուրիահայ համայնքին կողքին կանգնեցաւ: Ես նաեւ անհատապէս, քանի որ տակաւին Աւետարանչական ընկերակցութեան ղեկավարութիւնը չէի ստանձնած, եւ որպէս նախկին հալէպահայ` Լոս Անճելըսի մէջ հիմնեցինք Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմին` ՍԱՐՖ: Վերջինս հոյակապ աշխատանք տարաւ նիւթապէս օժանդակելու կրակի տակ գտնուող մեր հայրենակիցներուն եւ բարձրացնելու ժողովուրդի գիտակցութեան մակարդակը, որովհետեւ ԱՄՆ-ի մէջ, եւ արտասահմանի մէջ ընդհանրապէս, դժուար էր իրապէս ըմբռնել, թէ ինչ կը կատարուի Սուրիոյ մէջ: Կարծես շղարշուած էր Սուրիան իր պատերազմով: Թէ՛ ՍԱՐՖ-ի շրջանին, եւ արդէն 2014 թուականին Աւետարանչական ընկերակցութեան ղեկավար ընտրուելով, մենք մեծ ներդրում ունեցանք օժանդակութիւն ցուցաբերելու Սուրիոյ մէջ աղէտալի վիճակի մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներուն:

Այս 5 տարիներուն ընթացքին, երբ անոնցմէ շատերը հեռացան Սուրիայէն, բնականաբար, գլխաւոր հիւրասէրը հայրենիքը դարձաւ: Սա հրաշք էր, որ մենք պէտք է գիտակցէինք: Մարդիկ, որոնց անձնագիրները անընդունելի էին աշխարհի չորս կողմերը, մէկ տեղ կրնային ազատ մուտք ունենալ` հայրենիք: Միակ երկիրը, որ անոնց ընդունեց, ապաստան, տուն տուաւ` Հայաստանն էր: Սուրիահայութիւնը ասիկա շատ լաւ կը գիտակցի: Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն ես կ’անուանեմ անկողմնացոյց, որովհետեւ փախչելով պատերազմի ճիրաններէն` ֆիզիքապէս փրկութիւն գտան այստեղ, բայց չէին կողմնորոշուիր` անկողմնացոյց էին, թէ ինչ պէտք է ընեն: Շատերը եկան, յետոյ գացին այլ երկիրներ, որոշները մնացին` կողմնորոշուելու, թէ ու՞ր երթան, ի՞նչ ընեն:

Մեր օժանդակութիւնը թիրախաւորուած էր այնպէս, որ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերը կողմնորոշուէին հաստատուիլ հայրենիքի մէջ: Գործակցելով Սփիւռքի նախարարութեան, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան հետ` իրականացուցած ենք, եւ դեռ կը շարունակենք, նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել, բնակարաններու վարձավ ճարները փոխհատուցել, բժշկական ծառայութիւններու համար գումարներ յատկացնել, կրթական օժանդակութիւններ իրականացնել, նպաստներ վճարել, իսկ անոնց, որոնք ամէնօրեայ սնունդի կարիքը ունին, նպաստ յատկացնել:

Շարունակեցինք նաեւ ուղղութիւն տալ, որ երկուստեք շահը կը պահանջէ, որ անոնք հաստատուին հայրենիքի մէջ: Որպէս Սփիւռք` հայութիւնը անկասկած կը շահի, որ այդ խումբը այստեղ հաստատուի, ատիկա օգտակար կ’ըլլայ նաեւ հայրենիքին` անոնց կարողութիւնները, տաղանդը, ներուժը օգտագործելով: Այդ աշխատանքները տակաւին կը շարունակուին:

Ընկերակցութիւնը նոյնիսկ Գանատայի մէջ հաստատուած սուրիահայերուն  նեցուկ կանգնած է: Սակայն մեր գլխաւոր նպատակակէտը անցնող տարիներուն` Սուրիան էր եւ Հայաստանը:

– Պարո՛ն Խանճեան, դուք Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէնն ենք 2014 թուականէն: Հե՞շտ էր Ձեզի համար ստանձնել այդ պաշտօնը եւ ի՞նչ է Ձեզի համար այս աշխատանքը:

– Հասարակական աշխատանքը միշտ համընթաց քալած է իմ անձնական կեանքիս, աշխատանքային գործունէութեանս զուգահեռ: Նոյնիսկ այս պաշտօնը ստանձնելէ տասնամեակներ առաջ`  ԱՄՆ-ի մէջ հաստատուելէ ի վեր, շուրջ 30-35 տարի` ազգին, համայնքին, ժողովուրդին ծառայելը զուգորդուած է իմ անմիջական գործիս ասպարէզին հետ: Այդ պատճառով ինծի համար հեշտ էր այս փոխանցումը եւ հարազատ, որովհետեւ կը գտնուիմ այնպիսի մթնոլորտի մէջ, որ ինծի հոգեկան գոհունակութիւն կու տայ: Իմ կարողութիւններս, ծառայութիւններս ի սպաս կը դնեմ այնպիսի ընկերակցութեան, որուն սկզբունքներուն արդէն իսկ հաւատացած եմ, որ իմ գաղափարախօսութեան, հաւատամքին մէկ մասը կը կազմէ:

Աշխատանքային պարտականութիւններս ստանձնելը շատ հեշտ, սահուն եղաւ: Այնքան գոհունակութեամբ կը կատարեմ իմ աշխատանքս, որ երբեմն աշխատանքային ժամերը չեմ զգար:

Ի հարկէ, տագնապները շատ են, դժուարութիւններ, մարտահարւէրներ միշտ կան, անգամ լուրջ մարտահրաւէրներ ալ ունեցանք, բայց կրցանք յաղթահարել:

Մեր յաջողութեան գրաւականն այն է, որ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը  քանի մը կարեւոր սկզբունքներ  որդեգրած է, որոնցմով եւ կ’առաջնորդուի:

Առաջին. շատ թափանցիկ կազմակերպութիւն է, երբեք ներփակ չենք, մեր ծրագիրները, աշխատանքը բաց են բոլորին առջեւ: Մեր ծառայութեան  ընտրական ոճը ժողովրդավար է, մեր ներկայացուցիչները, գործադիր մարմնի կազմը կ’ըտրուին անդամներուն կողմէ, բոլորը քուէարկելու իրաւունք ունին:

Երկրորդ` մենք հաշուետու ենք: Կանոնաւոր, մեր տարեկան ժողովներուն ընթացքին, կայք-էջի հրապարակումներուն, հաղորդագրութիւններուն միջոցով տեղեակ կը պահենք մեր անդամներուն մեր գործունէութեան մասին: Ընկերակցութեան կրնայ անդամակցիլ այն մարդը, որ Աւետարանչականին տարեկան նպաստ կու տայ: Կարեւոր չէ, թէ որ յարանուանութեան կը պատկանի, որ երկրէ է:

Երրորդ` պատասխանատու է: Այս պատասխանատուութեան կը գիտակցի, որ արդէն 100 տարի կ’օգնէ դիմագրաւելու բոլոր դժուարութիւնները, անակնկալներն ու մարտահրաւէրները:

– Պարո՛ն Խանճեան, 2018 թուականին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը պիտի տօնէ հիմնադրման 100-ամեակը: Ինչպիսի՞ն էին ընկերակցութեան համար անցնող 100 տարիները:

– Առաջին` այս 100 տարուան ընթացքին այն, ինչին հասած է Աւետարանչական ընկերակցութիւնը, պարտական է այն հազարաւոր մարդոց, որոնք հիմնադրութենէն ի վեր իրենց միտքը, նիւթական կարողութիւնը,  ժամանակը, քրիտինքը թափած են, որ ունենանք այն, ինչ ունինք այսօր: Հրաշալի 100-ամեայ կեանք, անցած ճանապարհ, որուն համար պարտական ենք միմիայն այդ մարդոց: Մարդիկ, որոնք այս ժառանգութիւնը կերտեցին եւ մեզի հասցուցին: Ամէն սերունդ, ամէն հանգրուան մէկ քար  դրած է` կառուցելով  կառոյց մը, որ տարիէ տարի կը բարձրանայ: Այսօր մենք կը վայելենք այն զոհողութիւններու արդիւնքը, որ իրենցն էր: Այս ամէնուն գիտակցումը միայն հիացում կը պատճառէ բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք մեզմէ առաջ էին:

Երկրորդ խորհուրդն այն է` թէ ո՞րն է մեր դերը այսօր: Մենք կը հաւաքուինք, կ’ուրախանանք, կը խնդակցինք, սակայն ո՞րն է մեր դերը: Մեր դերը յաջորդ քարը դնելն է, յաջորդ 100-ամեակը ծրագրելն է, եկող սերունդներու կեանքը ապահովելը, որ մենք այսօր մեր քրտինքով, մեր զոհողութեամբ, մեր նուիրատուութեամբ պէտք է կարենանք կերտել:

Այս ամէնը հաշուի առնելով` ընկերակցութիւնը 2016 թուականին ծրագրեց 20 միլիոն տոլարի հանգանակութիւն կազմակերպել: Աշխատանքներն ընթացքի մէջ են, որոնք կ’եզրափակենք 2018 թուականի տարեվերջին:

Յուսանք, որ կը կարենանք մեր ամբողջ էութեամբ այդ մէկ քարը երկու քար դարձնել, որպէսզի աւելի դիւրացնենք յաջորդ սերունդներու կարիքները, անգամ կեանքը` գալիք 100-ամեակին ընթացին:

– Ինչպէ՞ս կը պատրաստուիք տօնել յոբելեանը:

– Մենք 5 մայրցամաքներու 24 երկիրներու վրայ բաժնուած ծրագիր եւ ծառայութիւն ունինք. մտածեցինք, որ պէտք է ընդգրկենք հնարաւորինս շատ շրջան:

Թէեւ հանգանակութիւնը նախաձեռնեցինք 2016 հոկտեմբերին, սակայն մեր հանդիսութիւնները, տօնակատարութիւններու մեկնարկը կը տրուի 2017-ի հոկտեմբեր 21-ին` ԱՄՆ Արեւելեան շրջանէն: Աւետարանչական ընկերակցութեան տարեկան ժողովի ժամանակաշրջանն է, որ կը զուգադիպի տարեկան ժողովի ճաշկերոյթին: Տօնակատարութիւնները կը շարունակուին մարտին` Աւստրալիոյ, մայիսին` Գանատայի մէջ, յունիսի սկիզբը` Լիբանանի, յունիսի երկրորդ կէսին` Ֆրանսայի, սեպտեմբերին` Հայաստանի մէջ, իսկ արդէն հոկտեմբերին կ’եզրափակենք մեր հանդիսութիւնները Լոս Անճելըսի մէջ, զուգահեռ նաեւ` մեր դրամահաւաքը:

– Պարո՛ն Խանճեան, ինչո՞վ կը ցանկաք եզրափակել մեր զրոյցը:

– Կ’ուզեմ վերադառնալ համաժողովին եւ հետեւեալ միտքն արտայայտել: Ինչպէս եւ նշեցի, մեր երկրի ամենակարեւոր հարստութիւնը հայ մարդն է, հայ անհատը: Անկախութիւնը դիւրին չէր: Դիւրին չէր յատկապէս Արցախի անկախութիւնն ու ազատութիւնը, որ մեզի արծաթէ ափսէի վրայ չհրամցուեցաւ: Արեան եւ քրտինքի ոռոգումով մեր հողերը ազատագրուեցան եւ Անկախութիւն հռչակուեցաւ:

Հայաստանի պարագան քիչ մը տարբեր է: Հայաստանի անկախութիւնը, որուն 26-ամեակը ուրախութեամբ տօնեցինք օրերս, ստեղծուեցաւ Խորհրդային Միութեան փլուզման արդիւնքով եւ մեր ժողովուրդի ազատ ապրելու ինքնորոշմամբ:

26 տարի առաջ կատարուեցաւ բոլորիս երազը, եւ աշխարհատարած հայութիւնն իր անկախութիւնը գտաւ այստեղ: Անակնկալ էր, սակայն պայքարով շահուած անկախութիւն չէր, թէեւ ամէն ինչ զերոյէն պէտք է սկսուէր, քանի որ Խորհրդային հասարակարգէն անցում կատարուեցաւ  նոր հասարակարգի մը: Այս վիճակին խարխափումը տրամաբանական էր, սխալներ գործելը` ակնկալելի, քանի որ պետութիւն կերտելը ժամանակ կը պահանջէ:

Սակայն, դժբախտաբար, անցնող 26 տարիներուն ընթացքին ժողովուրդին սոցիալական վիճակը`  լաւի եւ վատի միջեւ տարբերութիւնը` հսկայական է, որ մեզի շատ ցաւ կը պատճառէ:

Զանազան կազմակերպութիւններ կը ջանան օգտակար ըլլալ նեղ դրութեան մէջ գտնուող զանգուածներուն, սակայն տակաւին այդ հսկայ զանգուածը վեր բարձրացնելու խնդիր ունինք: Այս համաժողովը որքանով կրցաւ այս հարցերը քննել, ճանապարհներ գտնել օգտակար ըլլալու` ապագան ցոյց կու տայ:

Շատ կարեւոր է մեզի համար այդ տարածութիւնը կրճատելը եւ սոցիալական անհաւասար պայմաններու մէջ ապրող մարդոց վեր բարձրացնելը: Այդ ձեւով նաեւ անոնց կը պահենք հայրենի հողին վրայ, որովհետեւ ես չեմ հաւատար, որ մէկը, որ կրնայ այստեղ հոգալ իր ընտանիքի կարիքները, որոշէ դուրս գալ հայրենի, պապենական հողէն:

Կը յուսանք, կ’աղօթենք, կ’աշխատինք, մեր բաժինը կը բերենք եւ կ’ակնկալենք, որ մեր երկրի իշխանութիւնները եւս կ’որոնեն ճանապարհներ` այդ տարածութիւնը նուազեցնելու եւ մեր ժողովուրդը աւելի բարեկեցիկ վիճակի մէջ պահելու ուղղութեամբ:

 

Համահայկական Հանդիպումները Արգասաւորման Հունի Մէջ Դնենք

$
0
0

(Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական 6-րդ Համաժողովին «Հայապահպանումի Հիմնախնդիրներ» Ուղղութեան Վերջին Նիստավար, Սուրիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ժիրայր Ռէյիսեանի Բացման Խօսքը)

2014-ի սեպտեմբերին տեղի ունեցած Հայաստան-սփիւռք 5-րդ համաժողովին սուրիահայութեան յատկացուած նիստերուն ներկայացուած համապարփակ զեկոյցներուն կողքին, առաջարկներու բաժինով հնչեց նաեւ համահայկական մարմին կամ խորհուրդ մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը` բաղկացած պետական, հոգեւոր եւ ազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէ, անյապաղօրէն արձագանգելու, քաղաքական անկայուն իրավիճակներու մէջ գտնուող երկիրներու, հայ համայնքներու կարիքներուն, կարելի աջակցութիւն կազմակերպելու եւ այդ ուղղութեամբ ռազմավարութիւն մշակելու համար:

Ճիշդ է, որ նախորդ քանի մը տարիներուն լուսարձակի տակ էին Սուրիոյ իրադարձութիւնները, եւ համահայկական ուշադրութեան առարկայ էին սուրիահայութեան իրավիճակի խնդիրները, սակայն նախքան Սուրիան, ոչ նուազ ցնցումներ, նոյնիսկ համայնքի գոյատեւման մտահոգութիւններ եւ հարցեր ապրեցան` Լիբանանը, Իրանը, քուէյթահայութիւնը` Քուէյթի գրաւման տարիներուն, եգիպտահայութիւնը` թագաւորութեան անկումէն ասդին: Բնականաբար ոչ ոք կրնայ ենթադրել կամ յստակօրէն նախատեսել, թէ հետագային ե՛րբ եւ ո՛ւր կամ ինչպիսի՛ հարցեր կրնան դիմագրաւել մեր համայնքները:

Մեր ժողովուրդի պարտադիր սփիւռքացման ծանր ու դժուարին պայմաններուն ներքեւ յարգանքէ ու գնահատանքէ վեր աշխատանք եղած են գաղութներու ղեկավարման գործերը, հայապահպանման եւ ազգապահպանման պետականացման գործի կազմակերպումը` շնորհիւ մեր կազմակերպութիւններու, ազգային եւ հոգեւոր իշխանութիւններու ու ժողովուրդի զաւակներու անձնազոհ եւ բոլորանուէր ճիգերուն եւ ձեռքբերումներուն, նոյնիսկ ի բացակայութեան հայրենի անկախ պետականութեան մը ուղղակի զօրակցութեան: Ի վերջոյ, կարելի է ըսել, որ ստեղծած եւ ունեցած ենք փորձով եւ գործով շահուած վարկ եւ ուժ, որ գոյութեան արժանապատիւ պահպանման կողքին, ոչինչ զլացած է նաեւ հայրենիքի հզօրացման:

Շուրջ դար մը առաջ Ա. Հանրապետութեան անկախութեան առաջին կայծով ներշնչուած ու ազգային հաւատքի հիմնաքարը հաստատած մեր ժողովուրդը, երբ այսօր վերանկախացման քառորդ դարը եւս բոլորած` հայրենի ազատ երկնքի, անկախ պետականութեան եւ վեհօրէն ծածանող դրօշին ներքեւ լիաթոք կը շնչէ, ժամանակն է այլեւս համատեղելու տարիներու ընթացքին շահուած մեր համազգային փորձն ու կարողականութիւնը` ոչ միայն առաւել զօրացնելու հայրենիքն ու հայրենի պետականութիւնը, այլեւ պետականութեամբ զօրացած` դուրս գալու դասական ամուլ ժողովներէն ու համաժողովներէն եւ անցնելու գործնական քայլի` գործնապէս ստեղծելու եւ իրագործելու համահայկական մեծ կառուցակարգ, համատեղօրէն ու բոլորով լաւագոյնս դիմագրաւելու ժողովուրդի որեւէ մէկ հատուածին թէ ընդհանուրին սպառնացող որեւէ հարց կամ վտանգ… ուր եւ ինչ ալ ըլլայ այդ: Վտանգներ, որոնք իրականութեան մէջ նորօրեայ պատուհասներ չեն, նոյնիսկ հիմնապատճառներ են սփիւռք իրականութեան ծնունդին: Անոնցմէ պատմութեան տարբեր փուլերուն քանիցս պատահած գէթ երկուքը կ՛արժէ թուել եւ յիշեցնել.

1.- Հալածանքներ, սպանդ, բռնագաղթեր։

2.- Տնտեսական ծանր իրավիճակներ, հետեւաբար եւ` պանդխտութիւն ու գաղթ, որոնք անկախ օրին պատճառած ցաւէն, տագնապէն ու տառապանքէն, իրենց անջնջելի ազդեցութիւնը, հետքը դրոշմած, թողած են հայ մտքին, զգացումին, մտածելակերպին եւ, ի վերջոյ, նկարագրին վրայ, որ նաեւ յստակօրէն տեղ գտած է եւ կ՛արտացոլայ մեր գրականութեան, երաժշտութեան եւ մշակոյթի տարբեր ոլորտներուն մէջ իսկ:

Հետեւաբար, եկէ՛ք հանդարտաքայլ, բայց ինքնավստահ, սփիւռքի ուժն ու կարողականութիւնը ճիշդ գնահատած ու գումարած` հայրենիքի ու պետականութեան կարելիութիւններուն ու տուեալներուն, քայլ մը առաջ երթալով, կարենանք համահայկական այս հանդիպումները արգասաւորման հունի մէջ դնել: Համազգային փոխգործակցութեան, փոխամբողջացման, փոխզօրացման եւ ազգովին հզօրացման` անվիճելի նոյն եւ մէկ տեսլականով, որ անկասկած միաժամանակ հիմնական միջոցն է մեր ազգային երազներու իրականացման եւ արդար Դատի ու իրաւունքներու ձեռքբերման:

Ինչ կը վերաբերի սուրիահայութեան եւ սուրիական տագնապին, պիտի փորձեմ շատ հակիրճ յետադարձ ակնարկով մը եւ ներկայի իրապաշտ պատկերագծումով մը ներկայացնել ընդհանուր իրավիճակը այսօր` ձգելով սուրիահայութեան հետ առնչուած բաժինը մեր շատ յարգելի զեկուցաբերներուն:

Սուրիա եւ սուրիական տագնապ

Միջազգային քաղաքական բեմերու, լրատուական, մարդասիրական եւ բարեսիրական ու դեռ զանազան առնչուած կողմերու ցուցափեղկերուն մէջ, շուրջ 7-րդ տարին ըլլալով, լուսարձակի տակ առնուած եւ յաճախ առաջնային տեղ յատկացուած է, այսպէս անուանուած` սուրիական տագնապին, իրադարձութեանց եւ այս գետնի վրայ տեղի ունեցող զարգացումներուն: Այսպէս անուանուած ըսի, որովհետեւ այս պատերազմն է գերպետութիւններու շահերու խաչմերուկին իրենց քաղաքատնտեսական ծրագիրներու հեզասահ ընթացքը խանգարող եւ խոչընդոտող դիրքորոշումներու հակադրութեան եւ հակամարտութեան, որուն կարեւորագոյն բաժիններէն մէկը Սուրիոյ` իր քաղաքական իմաստով Արեւմուտքի ենթակայ դառնալն է:

Վեցէն եօթը տարիներու վրայ երկարող` հայրենաքանդ կռիւ, ամէնօրեայ ռմբակոծումներ, տասնեակ հազարաւոր զոհեր, նահատակներ, անհաշիւ վիրաւորներ անդամահատուածներ ու հաշմանդամներ, աննկարագրելի աւեր, կողոպուտ ու կորուստ, բազմահազարներ տնահան ու գաղթական, ու երբ ըսուած է բազմազգի մեծ պատերազմ, ճիշդ է, որովհետեւ` 90-է աւելի երկիրներէ այլատեսակ կռուողներ, վարձկաններ, կրօնամոլ ծայրայեղական զինեալներ, բարբարոսական անհաւատալի ու աննկարագրելի ոճրարարքներ: Զարմանալիօրէն արաբական աշխարհի մէկ ծայրէն կը սկսէր այս մահամրրիկը, որ իր ծնունդէն «Արաբական գարուն» անուանակոչուած է, «գարուն» մը, որ յստակ է այլեւս, որ լայն ախորժակներով սրուած կարգ մը պետութիւններու երազած ու ծրագրած շահերուն գարնան մը ցանկութիւնն էր, որուն կարծեցեալ իրագործման համար տիկնիկային դերաբաշխութեամբ թատերաբեմ բերուած էին շրջանային կարգ մը երկիրներ ու մանաւանդ` Սուրիոյ հողերուն մշտապէս աչք ունեցող Թուրքիան: Սուրիահայութիւնը` որպէս մէկ իւրայատուկ բաղկացուցիչը Սուրիոյ ժողովուրդին, անմասն չմնաց այս բոլորէն, բայց եւ մնաց ամուր, տէր` իր գոյութեան եւ հաստատութիւններուն, շարունակելով կեանքը իր բոլոր երեսներով:

Զինուորական գետնի վրայ Սուրիա այսօր իր դաշնակիցներով ու բարեկամ ուժերու ամբողջական զօրակցութեամբ, կ՛արձանագրէ իրերայաջորդ տիրական ձեռքբերումներ` սկսած անցեալ դեկտեմբերի Հալէպի ազատագրումէն, հասնելով անցնող տասնօրեակին բանակի Տէր Զօրի մուտքին, շարունակելով դէպի ամբողջական ազատագրման գործընթաց, որ կանգ պիտի չառնէ մինչեւ վերջին ապօրինի զինեալի, ահաբեկչական բջիջի ամբողջական մաքրագործումը սուրիական հողերու ողջ տարածքէն:

Քաղաքական գետնի վրայ բացայայտ է, որ Սուրիոյ դէմ որոգայթ լարողները ձախողած են եւ պարտուած: Այս` իրենց իսկ պաշտօնական դէմքերու հրապարակային խոստովանութիւններով. սակայն, ինչպէս Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահը իր վերջին ելոյթին ընթացքին  կ՛ըսէր.  «Այս չի նշանակեր, որ մենք այս պահուս յաղթած ենք, սակայն այս բոլորին ընդմէջէն յստակ կ՛երեւին յաղթանակի նշոյլները»: Ինքնավստահ ու հաստատակամ  կ՛ընթանանք դէպի այն ուղին, որ իր արդիւնքներով ոչ միայն ժողովուրդին մօտ դարձաւ յոյսի  շունչ, այլեւ` յստակ համոզում ու պայծառ պատկեր գալիքին:

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Անբաղձալի Թուրք Մտաւորականները

$
0
0

Բաղդատելով ամիսներ առաջ ռուս-հրեայ լրագրող Ալեքսանտր Լափշինի ձերբակալութեան եւ Ազրպէյճանի յանձնման գործողութեան հետ` չորս թուրք մտաւորականներու Արցախ կատարած այցելութեան ստեղծած թնճուկը տարբեր է:

Դէպքերը այնպէս կրնան զարգանալ, որ այս չորս յանդուգն այլախոհները իրենց կարգին արտայանձնուին Պաքուի, սակայն` ի՞նչ պայմաններու տակ եւ ապա ինչպիսի՞ դատավարութեամբ: Հարցադրումներն ու հնարաւոր անակնկալները բազմաթիւ են:

Լափշին Պիելոռուսիոյ քաղաքացի չէր, եւ զայն Ազրպէյճանի յանձնելու խոչընդոտներ չկային` Ազրպէյճանի եւ Պիելոռուսիոյ օրէնսդրութեամբ: Հաւանաբար քանի մը մտերմիկ հեռաձայնային խօսակցութիւններու եւ բջիջային հեռաձայնով զրոյցներ բաւարար եղան շուտով որոշում տալու, որպէսզի Ազրպէյճանի Հանրապետութեան խնդրանքին ընդառաջ երթային եւ վերջինիս կողմէ տրամադրուած պետական օդանաւով մը «յանցապարտ»-ը յանցաւոր երկիրը փոխադրուէր:

Պաքու արդէն իսկ յատուկ թղթածրար մը պատրաստած պէտք է ըլլայ այս չորս անբաղձալի տարրերուն առնչութեամբ, իսկ Անգարա զանազան աղբիւր-լծակներու միջոցով իր կարգին գործի լծուած է:

Այսպէս, Թուրքիոյ ծայրայեղ ազգայնամոլ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան երեսփոխան Աթիլլա Քայանը զանոնք դաւաճան նկատած է: Այս արտայայտութիւնը ցոլացումն է շատ աւելի բարձր մակարդակի անձնաւորութեան մը` Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Նուրէտտին Ճանըքլըի մէկ յայտարարութեան` Պաքուի մէջ, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու միացեալ ռազմափորձերուն ընթացքին, շեշտելով, որ երկու երկիրներուն զինեալ ուժերը միշտ սերտօրէն կը գործակցին, այնքան, որ Ազրպէյճանի ուժը Թուրքիոյ ուժն է, իսկ Թուրքիոյ ուժը` Ազրպէյճանինը:

Ան քայլ մըն ալ անդին երթալով` շեշտած է, որ երկու երկիրները կը միաւորեն իրենց ջանքերը բոլոր բնագաւառներուն մէջ, եւ որ անոնք ո՛չ միայն եղբայրական պետութիւններ են, այլ նաեւ իրարու կարիքը ունին:

Ճանըքլը նոյնիսկ յատուկ կերպով շեշտած է, որ Ազրպէյճանի ժողովուրդին ցանկութիւնը թուրք ժողովուրդին համար հրաման է, հետեւաբար կը ձեռնարկեն անհրաժեշտ քայլերու, որոնց կարգին` Ազրպէյճանին մաս կազմող Արցախի ազատագրումը: Ան ամենայն յոխորտանքով նշած է, որ այդ տարածքները ուշ կամ կանուխ պիտի ազատագրուին հայկական բռնագրաւումէն:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ կոչ ուղղած է երկրի քաղաքացիներուն, որ Արցախ չայցելեն, նշելով, որ առանց Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն արտօնութեան` գրաւեալ տարածքներ այցելութիւնը ո՛չ միայն կը հակասէ միջազգային իրաւունքին, այլեւ կ՛առաջնորդէ շարք մը պատժամիջոցներու` համաձայն ազրպէյճանական (…կամ թրքական) օրէնքներուն:

Յառաջիկայ օրերը նորութիւններով հարուստ պիտի ըլլան Պաքուի ստեղծած «սեւ ցանկ»-ին վրայ գտնուող անբաղձալի չորս թուրք այլախոհներուն` լրագրողներ Ալի Պայրամօղլուի եւ Էրոլ Քաթըրճիօղլուի, գրող Սայիտ Չեթինօղլուի եւ քաղաքական գործիչ Ուֆուք Ուրասի համար:

Հայ Դպրոցը` Սուգի Մէջ. Լուսին Մալիքեանը` Ուղեցոյց Փարոս

$
0
0

ՍԵԴԱ ՊԻՊԵՐԵԱՆ
Տնօրէնուհի Մարսէյի Համազգայինի ճեմարանի

Առիթը ունեցանք արդէն ոգեկոչական ամփոփ անդրադարձով մը յարգելու յիշատակը` տարուան շիջող դէմքերէն Լուսին Մալիքեան որակեալ մանկավարժին, այն քիչերէն, որոնց գործօն կեանքը լրիւ նոյնացած եղաւ Հայ դպրոցին հետ:

Ստորեւ Ֆրանսայի մեր գաղափարակից օրկան  «Ֆրանս Արմենի» ամսաթերթէն թարգմանաբար կը ներկայացնենք աւելի ծաւալուն, լրացուցիչ անդրադարձ մը` Լուսին Մալիքեանի բազմամեայ գործընկեր եւ Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի ներկայ տնօրէնուհի Սեդա Պիպերեանի գրիչէն:

Համառօտակի ուրուագծելէ ետք Լ. Մալիքեանի ասպարէզը, այսինքն, փաստօրէն, կենսագրութիւնը, վարժարանի ղեկին վրայ իրեն յաջորդող յօդուածագիրը կ՛ընէ կարեւոր շեշտադրում մը: Այն, որ Լուսին Մալիքեան, թէեւ` մանկավարժական նոր մեթոտներու հաղորդ եւ կիրարկող, երբեք տուրք չէ տուած մեթոտներու ֆեթիշացման, կամ այլապէս` իբրեւ «մոտա» ընկալման փորձութիւններու: Ան մնայուն ղեկավար սկզբունք է ունեցած, որ մանկավարժութեան անփոխարինելի ոսկի բանալին`  գիտելիքը  կեանքի վերածելն է, աշակերտին հետ «դպրոցը ապրիլն» է (ինչպէս կը բնորոշէ Պիպերեան):

Մեր շուրջ, մանկավարժութեան դաշտերուն մէջ տեղ-տեղ ծլող նորարական ճիգերը բոլորն ալ անկասկած ողջունելի են, ու աւելի՛ն, արժանի են գուրգուրանքի: Անոնք լաւ հակադեղ են քարացած սովորամոլութեան եւ սիրողական թափթփածութեան, որոնցմով թունաւորուած`  արեւմտահայերէնի ուսուցումը կը թառամի սփիւռքի գրեթէ ողջ տարածքին: Բայց լաւ պիտի ըլլար, որ այդ ճիգերը, սկիզբէն աշխարհ երկնելու իրենց խանդավառ, թերեւս եւ մենամոլ խաբկանքներուն մէջ, երբեմն յիշէին մալիքեաններու լուսաւոր անցքը սփիւռքահայ Դպրոցի երկնակամարէն: Յիշէին մանաւա՛նդ, որ էականը մեթոտային յենարաններու յաճախ վաղանցիկ այս կամ այն կիրարկումը չէ, ու` անոր յաւակնոտ փողահարումը: Այլ տիկին լուսինները վարող, այդ բոլորի խորքը կազմող` գիտելիքը կեանքի մաս դարձնելու, «դպրոցը ապրելու» ընդհանուր սկզբունքը, որ այսօր չէ՛, որ կը հնարուի… Անպայմա՛ն պիտի շահէին գիտակցութեամբ, թերեւս նաեւ` քիչ մը համեստութեամբ…

Ծնած` Դամասկոս, Սուրիա, ապրած` Լիբանան, Լուսին Մալիքեան հայերէնի ուսուցման մարզին մէջ ու ամբողջ սփիւռքի համար հանդիսացաւ ուղեցոյց-փարոս մը: Եւ ասիկա` սկսած իր առաջին քայլերէն` Պէյրութի Համազգայինի Ճեմարանի մէջ, ուր` ֆրանսական համալսարանէ նոր վկայուած երիտասարդ ուսուցչուհի` կը ստանձնէր մանկապարտէզին ղեկը: Յեղափոխելու համար այդ մանկապարտէզի ուսուցման համակարգը` հանգստեան կոչելով (ինչպէս ինք կը սիրէր պատմել) Ճեմարանի հիմնադիր Լեւոն Շանթի պատրաստած «Այբբենարան»-ը:

Ինքզինք սահմանելով իբրեւ «տեքրոլիական»` իր կիրարկած նոր մեթոտներու հեղինակ մանկավարժ Օվիտ Տեքրոլիի անունով, ան այսպէս, քայլ առ քայլ, դասարանի ջերմ ու բաբախուն մթնոլորտին մէջ իսկ կը համադրէր մեթոտը, որ աւելի ուշ, Համազգայինի հրատարակչականէն համասփիւռքեան տարածումի կոչուելով, պիտի ճանչցուէր «Փոքրիկ Անին» եւ «Պետիկն ու գայլը» ընթերցարաններու անունին տակ:

Զուգահեռաբար, Լ. Մալիքեան կը կարգուէր ազգային վարժարաններու ցանցի մանկավարժական խորհրդատու եւ տասնամեակներու վրայ կ՛ապահովէր կազմաւորումը Միջին Արեւելքի դպրոցներու ուսուցիչներու մեծ մասին` մանկապարտիզպանուհիներ թէ նախակրթարանի ցած կարգերու դաստիարակներ:

Մարսէյի Ժամանակաշրջանը

Դէպքերու բերումով է, որ 1987-ին տիկին Լուսին, իր ամուսինին` Ժիրայր Մալիքեանին հետ միասին, կ՛անջատուէր այս բոլորէն ու Պէյրութէն: Կեանքը զինք կ՛առաջնորդէր ու կը հասցնէր Մարսէյի Պոմոն քաղաքամասը` Սապլը ժոն փողոցին անկիւնը: Հոն կը ստեղծուէր Համազգայինի վարժարանը, որ 6-րդի հանգրուանին հասած` կը փնտռէր հայերէնի ուսուցիչ եւ հայկական բաժանմունքի պատասխանատու տեսուչ:

Պատշաճեցման իր անհաւատալի ատակութեամբ, տիկին Լուսին կը վերցնէր այս նոր, դժուարին, բայց խանդավառող մարտահրաւէրը` ապահովելով հայերէնի վերահսկումը եւ ուսուցումը աւելի քան քսան տարի: Իր հիանալի կենսունակութեամբ, ան մանկապարտէզի իր նախնական կոչումէն անվարան կ՛անցնէր միջնակարգին, ապա` երկրորդականին: Ասոնց կողքին, տնօրէն-խորհուրդի սկզբնական անդամակցութենէն կ՛անցնէր տնօրէնութեան պաշտօնին` 1994-2005: Դեռ անկէ ետք, երկար տարիներ պահելու համար «իր» աւարտական դասարանը (հայ գրականութիւն), առանց մոռնալու գուրգուրոտ մնայուն իր հետեւումը մանկապարտէզին, որուն սպասուած «հինգշաբթիներու հիւրը» պիտի դառնար երկար տարիներ:

Դպրոցը Ապրիլ

Տարիներու անցքը չկրցաւ ընկճել տիկին Լուսինին ներքին ուժը, որ գիտէր ինքնանորոգուիլ աշակերտներուն հետ ու գործի մէջ, մնայուն շփումով:

Իր գաղտնի՞քը… Բայց անիկա ակնյայտ էր:

Տիկին Մալիքեան «չէր աշխատեր դպրոցի մէջ»:  Ան կ՛ապրէր դպրոցը: Իր կեանքն ու աշխատանքը մէկ ամբողջութիւն կը կազմէին: Համազգայինի դպրոցը իր տունն էր, ճի՛շդ այնպէս` ինչպէս եղած էր Պէյրութի Ճեմարանի մանկապարտէզը, երկա՜ր տարիներ: Տիկին Մալիքեան հայերէնը չէր ուսուցաներ, զայն կը ստեղծէր ամէն օր` քարտերու, գծանկարներու անսպառելի իր օժանդակներով, ամէն օր փոքրերու թէ մեծերու համար հնարուած խաղերու պահեստով, հայ լեզուի թէ գրականութեան, հայոց պատմութեան թէ հայ մշակոյթի սպասին. հազարումէկ այս միջոցներն ու գործիքները` բոլորն ալ ձգտող միակ թիրախի մը` բանալ աշակերտին ախորժակը: Ասոր աւելցնելով Լեւոն Շանթի հիմնական թելադրանքը` «Ուսուցիչը ընկերն է աշակերտին»: Ահա՛ տիկին Լուսինին հաւատամքը. եւ կը ստանաք, գոնէ` մասամբ, բանալին իր լուսաւոր ալքիմիային…

«Լուսին Մալիքեան Սերունդ»

Տիկին Լուսինին կրակը կը շարունակէ լուսաւորել իր աջակցութեամբ ստեղծուած գործը` ներշնչելով բոլոր անոնք, որոնք երջանկութիւնն են ունեցած գործակցելու իրեն հետ, եւ անպայման նաեւ, անկասկած` իրեն համար ամենաթանկագինը, իր հազարաւոր աշակերտները: Իր անունով կնքած ենք շրջանաւարտներու մեր երեք խումբերը` մանկապարտէզէն աւարտական դասարան(*). «Լուսին Մալիքեան սերունդ»:

* «Լուսին Մալիքեան աւարտականներ»-ու աշակերտները գիտցան պատիւ բերել իրենց կնքամօր յիշատակին. բացի պաքալորէայի առաջին մասի ամբողջական յաջողութենէ մը` իրենցմէ երեքը պսակուեցան «Շատ լաւ» յիշատակութեամբ:


Սուրիահայութեան Վերականգնումի Խնդիրը

$
0
0

(Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական 6-րդ Համաժողովին «Հայապահպանումի Հիմնախնդիրներ» Ուղղութեան Վերջին Նիստին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին Խօսքը)

1.- Այս վերնագիրին տակ պիտի փորձեմ համաժողովին մասնակցող ազգակիցներուս ներկայացնել վերիվայրումներով ու պատերազմական գործողութիւններով յատկանշուած տարածաշրջանի մը մէջ գտնուող սուրիաբնակ սուրիահայ համայնքի արտակարգ իրավիճակէն դուրս գալու եւ վերականգնելու դժուարին խնդիրին մեր այսօրուան պատկերացումը:

2.- Աշխարհին եւ մարդուն գոյատեւումին ու երկարակեցութեան մէջ, ըստ երեւոյթին, գոյութիւն ունին ներքին օրինաչափութիւններ կամ տրամաբանութիւններ, որոնք բնութեան տարրերն ու բանաւոր էակները կը մղեն խանգարուած, քանդուած կամ կործանուած վիճակներէն դուրս գալ` վերականգնիլ կամ վերանորոգուիլ: Նորոգուելու պահանջը բնութեան մէջ բնական, իսկ մարդուն մէջ գիտակցական իրականութիւն մըն է: Այս իմաստով յարութեան եւ անմահութեան գաղափարներն ու հաւատքը վերականգնումին հասնելու մարդկային մտածողութեան բարձրագոյն գիտակցութիւններն են:

3.- Վերականգնումը` վերանորոգումը, վերակառուցումը, վերաշինումը, սովորաբար բան մը իր նախնական ու սկզբնական վիճակին կամ ձեւին մէջ կանգնեցնելը կամ վերադարձնելն է: Աստուածաշունչ մատեանը կ՛արձանագրէ. «Հին աւերակները պիտի շինեն, առաջուան կործանուածները պիտի կանգնեցնեն, աւերուած քաղաքներն ու շատ դարերէ ի վեր աւերակ մնացածները պիտի նորոգեն» (Ես 4): Նորոգութեան հոգին մեզի կը տրուի Արարիչէն. «Հոգիդ կը ղրկես… եւ աշխարհը կը վերանորոգես» (Սղ 104.30) կամ` «Տիրոջ ապաւինողներուն ուժը պիտի նորոգուի» (Ես 40.31):

4.- Արդարեւ, Սուրիոյ տագնապին առնչութեամբ թեր եւ դէմ կարծիքներ գոյութիւն ունին, սակայն ռազմաքաղաքական գործընթացը իր ծրագիրը իրագործելու վրայ է: Մեզի համար մէկ իրականութիւն յստակ է. սուրիահայութիւնը յայտնուեցաւ սուրիական պատերազմական փոթորիկին մէջ եւ կրեց մարդկային բազմաթիւ կորուստներ ու բազմատեսակ աւերածութիւններ: Աստիճանաբար նուազեցաւ համայնքին թիւը: Ունեցաւ երկրէն ներս աւելի ապահով նկատուած վայրեր տեղափոխուածներ, յետոյ` Լիբանան եւ Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանակաւոր թէ մնայուն հանգամանքով մեկնածներ, մինչեւ իսկ` եւրոպական, ամերիկեան եւ աւստրալիական ցամաքամասեր մեկնածներ:

5.- Ընդունելով մարդկային ամենակարեւոր իրաւունքներէն ազատութեան սկզբունքը, կարելի չէ ոեւէ անձի կամ ընտանիքի հաւասարապէս պարտադրել մնալ կամ մեկնիլ: Մարդիկ իրենք կը կատարեն եւ կատարեցին ընտրութիւնը, սակայն համայնքային հաւաքական ղեկավարութիւնը պարտաւոր էր եւ է անոնց կեցութիւնը ապահովել ամէն իմաստով, իսկ մեկնողին` ճանապարհ ցոյց տալ դէպի հայրենիք: Ատկէ անդին` անհատական նախասիրութեան ու պատասխանատուութեան կը վերաբերի:

6.- Սուրիոյ տագնապին մէջ սուրիահայութեան միասնականութիւնն ու միասնական ճիգերը դրսեւորուեցան «Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինին» մէջ: Սուրիահայերը, աշխարհացրիւ ազգակիցներու անվերապահ զօրակցութեան շնորհիւ, կարելիութիւնը ունեցան տագնապին մէջ անգամ պահել համայնքն ու համայնքային կառոյցները, վեց տարիներ շարունակ:

7.- Երբ սուրիահայութեան մայրաքաղաքը` Հալէպը, ընդամէնը տասը ամիսներ առաջ վերագտաւ իր խաղաղութիւնը, ինչպէս որ յաջորդաբար վերաազատագրուած էին Սուրիոյ հայահոծ կարգ մը շրջանները, սուրիահայերը շտապային դրութենէն դուրս գալու ընթացքին մէջ մտան եւ այդ պատճառով, եթէ ՍՇՕՎ մարմինը նախապէս կը մտածէր հետագային կատարելիք վերականգնումի մասին, այսօր արդէն իր անուանումէն սկսեալ` «Սուրիահայութեան վերականգնումի մարմին», մինչեւ վերականգնումի առաջնահերթութեանց յստակացումն ու թղթածրարներու պատրաստութիւնը, մեծաւ մասամբ մշակած կամ մշակման ընթացքին մէջ է:

8.- Սուրիահայութեան վերականգնումի կոչն ու ամենալուրջ նախաձեռնութիւնը կատարուեցաւ 2017-ի առաջին օրերուն, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հովուապետական պատմական այցելութիւն տուաւ Սուրիա, Հալէպէն կատարեց «Դէպի վերականգնում» կոչն ու վերականգնումի յստակ պատկերացումը: «Վերականգնում ըսելով` սոսկ քանդուածը վերականգնել կամ վնասուածը վերաշինել պէտք չէ հասկնալ… վերակազմակերպել մեր համայնքային կառոյցները եւ վերանորոգել մեր հաւաքական կեանքը»:

9.- Սուրիահայեր, թէեւ փոքր թիւերով, սկսան վերադառնալ մասնաւորաբար Հալէպ եւ իրենց բնակարաններն ու գործատեղիները վերաբանալու աշխատանքներ կը տանին: Այս միջոցին ՍՇՕՎ մարմինը վերականգնումի յատուկ նախագիծ սկսաւ մշակել, ուր ներառուած են համայնքային, կրթական, միութենական կառոյցներու սերտողութիւնները: Աշխատանքային առաջին համագումարը կայացաւ Անթիլիասի մէջ (շաբաթ, 29 ապրիլ 2017-ին) եւ մասնագիտական ուսումնասիրութիւններ մէկ կողմէ, վերաշինութեան աշխատանքներ` միւս կողմէ, թէեւ դանդաղ, սակայն յստակ պատկերացումով կը յուսանք եւ կը հաւատանք, որ անփորձանք յառաջ պիտի երթան: Թող մեր լաւատեսութիւնը ամրագրուի իրատեսութեամբ:

10.- ՍՇՕՎ մարմինին վերականգնումի ծրագիրներուն մէջ նկատի առնուած առաջնահերթութիւններն են.

ա) Սուրիաբնակ կամ վերադարձող ազգակիցներուն բնակարանները եւ գործատեղիները նորոգել ու գործածութեան մէջ դնել,
բ) Փոքր եւ միջին տնտեսութիւն նախաձեռնող ծրագիրներուն օժանդակութիւններ տրամադրել,
գ) Կրթական հաստատութեանց` հայկական դպրոցներու վերաշինութիւնը եւ վերանորոգութիւնը կատարել,
դ) Եկեղեցիներն ու համայնքային կեդրոնները նորոգելէ ետք վերաբանալ,
ե) Յոյժ կարիքաւորներուն շարունակել նիւթական տարբեր օժանդակութիւններ տրամադրել,
զ) Կրթական օժանդակութիւններ ապահովել` ուսուցիչներուն եւ աշակերտութեան, բաց պահելու համար հայ դպրոցը եւ շարունակելու հայակերտումի ու հայեցի դաստիարակութեան նուիրական առաքելութիւնը:

11.- Վերականգնումի իրագործման անհրաժեշտ նախապայմաններն ու նախատուեալներն են.

ա) Ռազմական գործողութեանց դադարումը եւ քաղաքական համաձայնութիւնները` նպատակ ունենալով ամբողջական խաղաղութեան վերահաստատումը ամբողջ երկրի տարածքին. ասոնք կ՛երաշխաւորեն վերականգնումը Սուրիոյ եւ անոր մէջ` սուրիաբնակ սուրիահայութեան,
բ) Համայնքի վերականգնումի սերտողութեան ամբողջական ծրագիրի հրապարակումը կատարել` հայկական թէ օտար շրջանակներուն ծանօթացնելու միտումով,
գ) Վերաշինութեան իրականացման համար դրամահաւաքի կազմակերպում` ըստ ծրագիրներու, եւ նիւթական օժանդակութեանց տրամադրում, ինչպէս` շտապ կացութեան ընթացքին համահայկական աջակցութիւններ տեղի ունեցան, նոյնպէս ալ այսօր վերանորոգման նպատակով ներդրումներ կատարել համայնքի վերաշխուժացման համար,
դ) Վերջապէս, սուրիահայութիւնը պիտի շարունակէ իր պատմական առաքելութիւնը` հայրենական աւանդութիւններու պահպանում, արեւմտահայ լեզուին եւ մշակոյթին կենսագործում, Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան եզակի վկայութիւն եւ միջինարեւելեան երկիրներուն ու ժողովուրդներուն մէջ համակեցութեան յաջողագոյն օրինակ ըլլալը:

12.- Սուրիահայութեան վերականգնումը ինքնանպատակ չէ: Հայ ազգի ամբողջականութեան մէկ մասին զօրացումը հզօրացումն իսկ է համայն հայութեան եւ հայրենիքին: Այդ իմաստով օգնել սուրիահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն` կը նշանակէ օգնել հայութեան եւ Հայաստանին:

Եկէ՛ք` համահայկական բազմատեսակ դժուարութեանց եւ տագնապներուն մէջ յիշենք սուրիաբնակ սուրիահայ համայնքը եւ շարունակենք եղբայրական ու քրոջական ձեռք երկարել անոնց:

ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Առաջնորդ Հայոց Բերիոյ Թեմին

19.09.2017 թ. 
Երեւան

Ցեղասպանութեան Կոթողէն Մինչեւ Օկիւսթ Ռընուարի Տուն-Թանգարանը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

Այս տարի մեր արձակուրդը որոշեցինք անցընել Ֆրանսայի հարաւային ծովեզերեայ քաղաքներէն` Քաննի մէջ: Թէեւ անձնապէս կը նախընտրէի ըլլալ Ծաղկաձոր, Ջերմուկ կամ Ստեփանակերտ, սակայն ներքին գործոց նախարարուհին` կինս, այլապէս էր որոշած…

Արդ, գանգատելով հանդերձ, յունիս 30-ին Փարիզէն մեկնեցանք կապտաւուն եզերք (Քոթ տ՛Ազիւր)` երկու շաբթուան համար:

Քանն եւ ամբողջ Միջերկրականի եզերքը գտնուող քաղաքները բոլորովին տարբեր պատկեր կը ներկայացնեն` բաղդատած Լիբանանի ծովեզերքներուն: Ամբողջովին մաքուր պահուած են ծովեզերեայ շրջանները, որոնք մատչելի են բոլորին…

Ռընուարի պարտէզին ձիթենիները

Նախքան ծովեզերք հասնիլը` կը գտնուինք արմաւենիներով եւ եղեւիններով շրջապատուած ծաղկաւէտ պարտէզի մը մէջ, քիչ ետք կը հասնինք Վերտէն եւ «Հայաստանի զբօսազգի» կոչուող վայրը, ուր բարձրութեան մը վրայ կանգնած է Ցեղասպանութեան եւ հայ մարտիկներուն նուիրուած կոթող մը` երկու ճերմակ մարմարներէ բաղկացած: Ձախ կողմի զանգուածին վրայ արձանագրուած է.

«Յուշարձանը նուիրուած է Ցեղասպանութեան 1.500.000 հայ նահատակներու յիշատակին` գործադրուած Երիտասարդ թուրքերու կառավարութեան կողմէ»:

Աջ կողմի` կոթողի միւս զանգուածին վրայ գրուած է.

«Կոթողը նուիրուած է հայ զինուորներու եւ Դիմադրութեան ազատամարտիկներու պատուին, որոնք մեռած են Ֆրանսայի համար, առաջին եւ երկրորդ պատերազմներու ընթացքին, 1914-1918, 1939-1945»:

Ուղղահայեաց կոթողներու հակառակ կողմին վրայ, Արարատի ներքեւ գրուած է երկու լեզուներով.

«Մեզ էն գլխից են զարկել,
Բայց դարձեալ հայերն ապրել են,
Ապրում են, կ՛ապրեն:
Հազար դարեր են զարկել մեզ,
Բայց հայերն ապրել են
Ապրում են, կ՛ապրեն:
Եղեռնազարկ էլ եղանք,
Բայց հայերն ապրել են
Ապրում են, կ՛ապրեն»:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ

Իրագործուած`
ճարտարապետ եւ արձանագործ
Ալպեր Մխիթարեանի կողմէ
2002-ին

Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած յուշակոթող Քաննի ծովեզերեայ զբօսայգիին մէջ

Յուշակոթողին բացումը կատարուած է քաղաքապետ Պեռնար Պրոշարի եւ Էդուարդ Նալբանդեանի` այդ օրերու Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին կողմէ:

* * *

Կնոջս հետ կը հասնինք յուշակոթողին մօտ ու քիչ մը հեռու կը նստինք նստարանի մը վրայ: Զոյգ մը` այր եւ կին, կը մօտենան յուշարձանին ու երկար կը կանգնին անոր առջեւ: «Հայ պէտք է ըլլան», կ՛ըսէ կինս:

Կէս ժամ ետք կը քալենք դէպի պաղպաղակ ծախող կրպակը, որուն շուրջ երեք առոյգ երիտասարդներ իրարու հետ արեւելահայերէն կը խօսին, կը բարեւենք, քանի մը նախադասութիւն կը փոխանակենք. հայաստանցի են, կը բնակին Քանն: Ուրիշ կին մըն ալ կը մօտենայ մեր խումբին` լսած ըլլալով մեզ, Լիոնի բնակիչ է, ֆրանսահայ: Կ՛ուրախանայ հայերու հանդիպելուն:

Կիզիչ արեւէն պաշտպանուելու համար կը նստինք շուքը գտնուող նստարանի մը վրայ ու կը դիտենք անցուդարձը: Մեր դիմաց զոյգ մը` այր եւ կին կը վիճաբանին իրարու հետ, պահ մը ետք միջին տարիքով թիկնեղ մարդ մը կը մօտենայ աղջնակի մը ձեռքը բռնած:

– Պարոնը հայ ըլլալու է, դէմքէն յայտնի է,- կ՛ըսէ կինս. սխալած չէ: Կը մօտենայ մեզի` լսելով մեր խօսակցութիւնը ու կը բարեւէ: Ութ տարի եղած է Քանն հաստատուելուն, յաջողած է տուն-տեղ կազմել ու շատ գոհ է. կը դժգոհի Հայաստանի իշխանաւորներէն. «Ինչո՞ւ մարդ ստիպուած ըլլար լքել իր հայրենիքը, եթէ մարդավայել կեանք գոյութիւն ունենայ այնտեղ: «Քանն ապրելիք տեղ է», կ՛ըսէ:

– Քանի՞ հայ կ՛ապրի Քանն,- կը հարցնեմ:

– Երեսուն ընտանիք ենք Հայաստանէն,- կը պատասխանէ:

– Դուք ուրկէ՞ կու գաք,- կը հարցնէ:

– Լիբանանէն կու գանք. մեզի համար Հայաստանէն լաւ տեղ չկայ,- կ՛ըսեմ:

Ցտեսութիւն ըսելով` կը հեռանայ: Եթէ իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ` Ֆրանսա կամ Եւրոպա, կը գտնուի հայ  30 ընտանիք, մարդ կը մնա՞յ Հայաստանի մէջ. կը խորհրդածեմ ու կը տրտմիմ:

* * *

Կը վերադառնանք տուն: Հեռաձայնը կը հնչէ, աղջիկս է, արդէն հասած է Նիսի օդակայան ու իր ընկերուհիին հետ, որ կը բնակի Քանիը Սիւր Մեր (cagne sur mer), գացած է անոնց տունը. ժամ մը ետք կը հասնի մեր մօտ` ընկերուհիին հետ:

Դպրոցական ընկերուհին` Սելին, ամուսնանալէն ետք հաստատուած է Քոթ տ՛Ազիւր, ամուսինին հետ, ու մեզ կը հրաւիրէ իրենց տունը, յաջորդ օրը` կիրակի, կէսօրուան ճաշի:

Կիրակի օր ժամը 11:30-ին Սելին կը հասնի իր ամուսնոյն` Լորանին հետ, ու մեզ կը տանին Քանիը Սիւր Մեր:

Տարիներ առաջ եղած եմ Քանիը Սիւր Մեր, Ռուբէն Սեւակի հօրեղբօրորդւոյն տունը` տեսնելու հայ նկարիչներու իր հաւաքածոն, զոր անցեալ տարի նուիրեց Էջմիածնի թանգարանին:

Ճաշի ընթացքին Լորան կը յայտնէ, որ Ռընուարի տուն-թանգարանը կը գտնուի շրջանին մէջ:

– Կ՛ուզէ՞ք այցելել:

– Սիրո՛վ,- կ՛ըսեմ, ու ճամբայ կ՛ելլենք ճաշի աւարտին:

Սելին, Լորան, կինս ու ես կը նստինք ինքնաշարժ ու տասը վայրկեան ետք կը հասնինք տուն-թանգարան, որ կը գտնուի բարձունքի վրայ ու կը կոչուի «Տոմեն տէ Քոլեթ» կալուած:

Փիեռ Օկիւսթ Ռընուար գնած է այս կալուածը 1908-ին: Կառուցել տուած է երկյարկանի այս տունը իր ժամանակի բոլոր յարմարութիւններով: Կալուածի ձիթենիները կը վկայեն անոր հարիւրամեայ տարիքը: Տան երկրորդ յարկի պատուհաններէն կ՛երեւի Միջերկրականի անուշ կապոյտը, միւս կողմէն կ՛երեւին ձիթենիները:

Փիեռ Օկիւսթ Ռընուար` մահէն առաջ լուսանկարուած

Ռընուար արդէն հաշմանդամ էր դարձած յօդացաւերու պատճառով: Բայց նկարած էր մինչեւ իր կեանքին վերջին օրը, 3 դեկտեմբեր 1919, մինչեւ 78 տարեկանը:

Տուն-թանգարանին երկու յարկերուն վրայ ցուցադրուած են անոր 14 իւղանկարները, 17 քանդակները, որոնք կը ներկայացնեն իր եւ ընտանիքի անդամներուն դիմաքանդակները, այլ նկարիչներու գործեր եւ` կահ-կարասիները:

Ռընուար ունեցած է 2 արուեստանոց, միշտ աթոռի վրայ տեղափոխուած է, եւ մատներուն միջեւ դրուած վրձինը կապած են…

Իր կենդանութեան այցելութիւն տուած են հետեւեալ նշանաւոր արուեստագէտները. աշխարհահռչակ Օկիւսթ Ռոտեն, նկարիչներ` Պոնար, Մաթիս եւ Մոտիկլիանի:

Տեղացի իգական սեռի ներկայացուցիչներ իբրեւ սպասուհի ծառայած են իրեն, սակայն վարպետը զանոնք նկարած է իբրեւ բնորդներ:

Ռընուար այդ տան մէջ ապրած է իր կնոջ` Ալինին եւ իր երեք զաւակներուն հետ` Փիեռի, Քլոտի եւ Ժանի: Կրտսեր որդին` Ժան դարձած է հանրածանօթ, իբրեւ ժապաւէնի բեմադրիչ:

Ռընուար մասնակցած է տպաւորապաշտներու ցուցահանդէսներուն: Իր նկարչութիւնը դրոշմուած է դասական նկարիչներու վարպետութեամբ ու գոյներու քնքշութեամբ:

Արուեստի վաճառական Ամրուազ Վոլար յաջողած է ամերիկացի հաւաքորդներու ծախել Ռընուարի նկարները, ինչ որ պատճառ դարձած է տպաւորապաշտ նկարիչներու յաջողութեան եւ ընդունման ամբողջ աշխարհի մէջ:

Տեղին է յիշել, որ ներկայիս 150.000 նկարներ կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու մէջ. նկար ունեցողները կը կարծեն, որ իրենց պաստառները բնօրինակներ են, սակայն անոնք մեծ մասամբ վերարտադրութիւններ են: Ռընուարի նկարները ներկայիս կը վաճառուին շատ բարձր գիներով, անշուշտ եթէ վաճառող գտնուի…

30/7/2017, Փարիզ

 

«Հայաստանը Կը Պարպուի Սփիւռքը Կը Մաշի»

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Հայաստան-սփիւռք 6-րդ խորհրդաժողովի բացման հանդիսութեան Արամ Ա. վեհափառի խօսքին մէջ այս հաստատումը քանի մը իմաստ ունի: Ընդհանրապէս փակման խօսքը վստահած էին վեհափառին, եւ հայրենի իշխանութիւնները կը սպասէին, որ ընդհանրական դրական կշռոյթով կարճ խօսքի մը սահմաններուն մէջ ըլլար պատգամը:

Եթէ այդ օրը սրահը գտնուէիք, դուք ալ ականատես կ՛ըլլայիք հայրենի ղեկավարութեան դէմքի դժգոհութեան, հակառակ անոր որ հեռատեսիլի կարգ մը կայաններ ցոյց տուին պատկերը:

Հարցը իրականութիւնները ըսելու մէջն է: Երբ վեհափառը այս մտահոգութիւնը հաստատեց, սրահը գտնուող ներկաներուն 95 տոկոսը ծափահարեց, ինչ որ ցոյց կու տայ համաձայնութիւն եւ իրատեսութիւն:

Վեհափառը առաջին անգամը չէ, որ մատը վէրքին վրայ կը դնէ:

Վեհափառը միայն հայրենի իշխանութեան չէ, որ պատգամ կ՛ուղղէ` վեհափառը համահայկական տագնապ մը լուսարձակի տակ կ՛առնէ, բոլորին ներկայութեամբ` անխտիր:

Միայն տնտեսական աճ, զբօսաշրջութիւն, վստահութիւն, բարգաւաճում չեն բաւեր: Հայրենիքը կը պարպուի, եւ բոլորս ալ ականատես ենք ու անզօր կը դիտենք, եւ հարցերը, կամ աւելի ճիշդը` լուծումները այլ տեղ կը փնտռենք:

Երկրորդը կը վերաբերի սփիւռքին: «Սփիւռքը կը մաշի»: Ձեւով մը ինքնաքննադատութիւն է եւ, աւելի՛ն, աւանդական կազմակերպութիւներուն պատգամ:

Այսօր, հակառակ բոլոր տեսակի զոհողութիւններուն, մենք սփիւռքի մէջ ենթարկուած ենք մաշումի: Սփիւռքի զօրաւոր գաղութները արդէն ցնցուած են եւ նոր, բայց աւելի համեստ գաղութներու կարգավիճակ ունին:

Սփիւռքի մաշելուն մէջ մեծ դեր ունի նաեւ արժէքներու խախտումը: Բոլոր մակադակներու վրայ արժէքներու խախտում կայ:

Վստահելիներով աշխատելու սկզբունքը սփիւռքի մաշումին կ՛օգնէ:

Երիտասարդացնելու կեղծ լոզունգները միայն առանձնաշնորհեալներով շրջապատուելու ճիգով կառոյցները տժգոյն պատկեր կը ներկայացնեն:

Մէկ խօսքով, սփիւռքը կը մաշի, շատ ճիշդ է, բայց այդ մաշումին զսպանակը ուրիշին ձեռքը չէ, մեր ձեռքն է. սակայն այդ ի՞նչ կախարդական, չըսելու համար` սատանայական, ծրագիր մըն է, որ մաշումը դիտելով` հաճոյք կ՛առնէ ի գին ամէն ինչի:

Հայաստանի պարպուիլը եւ սփիւռքի մաշումը, վերջապէս, միայն մեր թշնամիներուն օգուտ է:

Աթոռները կրնան գինովցնել, սակայն այդ աթոռներն ալ իմաստ չեն ունենար, երբ պարպուած Հայաստանով եւ մաշած սփիւռքով կը մնանք:

Պատգամը բոլորիս է, ուշ չէ, կարելի է տակաւին կացութիւն փրկել:

 

 

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Հոկտեմբեր.- Արցախի Ճանաչման Ճանապարհը Աստիճանաբար Կը Հարթուի

$
0
0

Նախորդ շաբաթ Արցախի միջազգային ճանաչման եւ արցախեան հարցի էութեան պարզաբանման նպաստող ողջունելի երեք երեւոյթ արձանագրուեցաւ:

Առաջինը թուրք լրագրողներու եւ քաղաքական գործիչներու Արցախ այցելութիւնն էր:

Անոնք յայտարարած էին, որ եկած են Արցախ` տագնապի էութեան իրազեկ դառնալու, թրքական հասարակութիւնը լուսաբանելու, եւ իրենց տպաւորութիւնները թուրք հանրութեան փոխանցելու համար` անտեսելով Ազրպէյճանի «սեւ ցանկ»-ին մէջ յայտնուելու սպառնալիքը:

Թուրք մտաւորականներուն այցելութիւնը քանի մը իրողութիւն լուսարձակի տակ կը բերէր: Նախ` թրքական կամ ազրպէյճանական պետական կողմերուն նկատմամբ անվստահելիութիւնը ու տագնապի քուրային մէջ յայտնուած երկրորդ կողմին` Արցախի պետութեան ու ժողովուրդին կարծիքը լսելու նոյնիսկ թուրք քաղաքական գործիչներու ցանկութիւնը, ապա նաեւ` Արցախի պետութիւնը որպէս տագնապի լուծման սատարող կողմ ընդունելու հակումը:

Երկրորդ յատկանշական դէպքը Միացեալ Նահանգներու Միշիկըն նահանգի` Արցախի անկախութեան ճանաչումն ու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին սատարող բանաձեւի որդեգրումն էր: Միշիկըն Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցող Միացեալ Նահանգներու 8-րդ նահանգն է: Երեւոյթ մը, որ անկասկած իր դրական անդրադարձը պիտի ունենար ոչ միայն Արցախի միջազգային ճանաչման, այլեւ Արցախի Հանրապետութեան հետ տնտեսական, մշակութային թէ քաղաքական յարաբերութիւններու բարելաւման վրայ:

Երրորդը ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին հրաւէրով Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան անդամ միջազգային երիտասարդական-քաղաքական կազմակերպութիւններու շուրջ երկու տասնեակ ներկայացուցիչներու այցելութիւնն էր Հայաստան եւ Արցախի Հանրապետութիւն: Անոնց այցելութեան նպատակը Արցախի հարցի էութեան, ներքին կեանքին ու մշակոյթին ծանօթանալն էր: Երիտասարդ քաղաքական գործիչները եւս անտեսեցին Ազրպէյճանի սպառնալիքը` յայտնելով, որ հիմնականը Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը յարգելն ու անոր ջանքերով ծաղկող Արցախի անկախ հանրապետութեան ճշգրիտ պատկերը աշխարհին ներկայացնելն է:

Անոնցմէ մէկը պիտի հաստատէր. « Այս այցելութեամբ կը հասկնանք, որ ամբողջ պատմութեան ընթացքին Արցախը եղած է հայաբնակ տարածք, անիկա ազատ, անկախ պետութիւն է` հայ բնակիչներով»:

Երիտասարդ գործիչներուն Արցախ այցելութիւնը ողջունելի էր քանի մը դիտանկիւնէ: Նախ` այն իմաստով, որ անոնք պիտի դառնան իրենց կուսակցութիւններուն կամ երկիրներուն ապագայ ղեկավարները, հետեւաբար ճիշդ կողմնորոշում պիտի ունենան Արցախի հարցին նկատմամբ, կամ առնուազն ենթակայ պիտի չըլլան ազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան: Երկրորդ` այս այցելութիւններն ու Արցախի քաղաքական դէմքերու հետ հանդիպումները կը փաստեն, որ կարելի չէ Արցախի հարցին էութեան ծանօթանալ, կամ անոր լուծման եզրերը որոնել` առանց արցախեան կողմին:

Վերոյիշեալ երեք երեւոյթները ցոյց կու տան, որ Արցախ այցելողներուն սպառնալու Ալիեւի քաղաքականութիւնը, իրողութիւնները թաքցնելու անյաջող փորձ մը ըլլալէն անդին, ճշմարտութիւնը որոնող լայնամիտ քաղաքական գործիչներու համար Արցախ այցելութեան խթան կրնայ հանդիսանալ` հայկական կողմին վարած քաղաքականութեան ու թափած ճիգերուն առկայութեամբ:

Բիւրականի Մէջ Աստղեր Չտեսանք, Բայց…

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Առտուան ժամը 2:00-ը անց էր, երբ յոգնած ու անքուն` մտայ խուցս եւ պարուրուեցայ քնապարկիս մէջ: Յոգնութեամբ ու խանդավառութեամբ օրեր կը սպասէին մեզ Բիւրականի բանակավայրին մէջ. պէտք էր պատրաստուիլ…

Հազիւ քունի անցած, առտուան 4:00-ի կողմերը, ընդոստ վեր թռայ (քնապարկս թոյլ չտուաւ, որ «թռիմ»)` բարձրախօսէն պայթող երգով մը: Աշուղ Հայկազունի երգն էր` «Հպարտ, անպարտ Դաշնակցութիւն», միախառնուած` հանրակառքերու հռնդիւնին, գոռում գոչումներու եւ հաճելի իրարանցումի հետ: ԼԵՄ-ականները օդակայանէն նոր հասեր էին Բիւրականի այս բանակավայրը` իրենց տարեկան բանակումին համար, ու իւրաքանչիւրը կը փորձէր տեղաւորուիլ իր վրանը` «հո՛ս է հո՛ս», «չէ, մերը ասի չէ», «վալիզդ չմոռցա՞ր պասին մէջ» բացագանչութիւններով:

Երկու ժամ վերջ` զարթնումն էր…

***

Նախորդ իրիկուն, ըստ մեր համաձայնութեան, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութենէն ընկեր Գարոն եկաւ իր ինքնաշարժով, հետը` բանակումի ընդհանուր պատասխանատու ընկեր Հարմիկը, ու միասին ճամբայ ելանք դէպի Բիւրական, բանակավայր:

Երեւանի տօթէն ու տապէն խոյս տալը հաճելի էր…

Արդէն հոն էին ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան տղաքը` Յարութը, Մանոն, Վարդանը, Նշանը եւ ուրիշներ: Արդէն մտերիմներ էինք, որովհետեւ նախորդող քանի մը օրերուն հանդիպումներ ունեցած էինք կարգ մը գործեր համադրելու համար: Հոն էին նաեւ Մխոն, Սարհատը, ժիր, աշխուժ ու միշտ պատրաստակամ ու սուսուփուս Տարօնը, Կիման, Դրոն ու Ցողիկը` ՀԵՄ-ի անդամներ, որոնք եկած էին նախապատրաստական աշխատանքներուն օգնելու:

Մխոն կը ղեկավարէր վրաններու տեղադրումը` իր կարգին քաշելով, քաշքշելով վրաններու ծանր հակերը: Լարեցին 15 վրաններ. հատ մըն ալ մեծ վրան մը` 50-60 հոգինոց, ընկերուհիներուն համար:

Ժամը մէկուկէսի մօտերն էր, երբ ընկեր Մանոն, զննելէ ետք իր հեռաձայնը, ըսաւ, որ օդանաւը իջեր է «Զուարթնոց»: Աչքերնիս լոյս…

Մօտաւորապէս 130 ԼԵՄ-ականներ, որոնցմէ շուրջ 50-ը ընկերուհիներ, Պէյրութէն օդանաւ առեր հասեր էին հայրենիք, ուր տեղի պիտի ունենար իրենց տարեկան բանակումը: Իրենց առաջինը` հայրենիքին մէջ: Իրենց պիտի միանային ՀԵՄ-էն մօտ 20 ընկերներ եւ ընկերուհիներ:

***

Հա՛նգիստ… Պատրա՛ստ… Արդա՛ր… Հայրենի՛ք… Հզօ՛ր… Հայաստա՛ն…

Առաջին առաւօտեան դրօշակի արարողութիւնն է: Բանակողները շարքի կանգնած, խմբապետական կազմին հետ, «Մեր Հայրենիք»-ով եւ «Մշակ բանուոր»-ով կ’ողջունեն Հայաստանի եւ ՀՅԴ-ի դրօշները: Յուզումը կը կարդացուի բոլորին դէմքերուն: Անոնցմէ շատեր առաջին անգամն է, որ Հայաստանի հողին վրայ ոտք կը կոխեն: Բոլորին համար ալ սա առաջին բանակումն է հայրենիքին մէջ: Բոլորն ալ Արշակ թագաւորներ են հիմա: Կը զգան հողին ուժը իրենց մէջ:

Եկած են Լիբանանի բոլոր հայաշատ թաղամասերէն: Հոն են նաեւ Ժիպէյլի միաւորէն ընկերներ, որոնցմէ մէկը` արաբախօս, հազիւ կը խօսի հայերէն. բայց` ամբողջութեամբ դաշնակցական տղու շունչ ու ոգիով, ինչպէս` իր միւս ընկերները: Ամէնէն բազմանդամ «պատուիրակութիւնը» Այնճարէն է` «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղէն: Կը հետաքրքրուիմ` մարդ կա՞յ «իմ մասնաճիւղէս»` «Հրայր Դժոխք»-էն… Ափսո՜ս: ԼԵՄ-ի մէջ «Հրայր Դժոխք»-ը եղած էր իմս: Այդ ալ իմ մանկութեան ընկեր, այժմ մոնրէալաբնակ Սիմոնին շնորհիւ, երբ ուսանողութեանս օրերուն իր ոսկերչական աշխատանոցը տուած հերթական «ծխական» այցելութեանս ատեն դէմս ցցեց նոր հիմնուած ԼԵՄ-ի դիմումնագիրը. «Ասիկա կը լեցնես հիմա…»:

Օրերը յագեցած են յատուկ ծրագիրներով: Դասախօսութիւններ` ՀՅԴ գաղափարաբանութեան, Արցախի ազատագրական պայքարի մասին, Հայաստանի այսօրուան ու վաղուան մարտահրաւէրներուն, համալսարանական համակարգին ու այլ նիւթերու մասին: Կէսօրէ ետքերը մարզանք, հող, ցեխ ու քրտինք: Երեկոյեան ընթրիքներէն ետք` խարոյկին շուրջ յեղափոխական երգեր:

***

«Մամա՛, մէկ հատ ալ չհեռաձայնես ինծի հա՛, շատ լաւ ենք բոլորս ալ»… Այսպէս կը պատասխանէր բանակող ընկերուհի մը իր մօր` վճռական շեշտով: Բջիջային հեռաձայնները արգիլուած են, բոլորն ալ պահ դրուած են խմբապետական կազմին մօտ: Սակայն ԼԵՄ-ական ընկերուհիներէն մէկուն մայրը, «մամայական» հասկնալի մտահոգութեամբ, գտած է ընկ. Յարութին թիւը ու Լիբանանէն հեռաձայնած է, որ խօսի իր աղջկան հետ` «միտքը հանգստացնելու» համար: Յարութն ալ, տեսնելով, որ հեռաձայնը Լիբանանէն է, փոխանցած էր տուեալ անձին: Պատասխանը` «մէկ հատ ալ չհեռաձայնես ինծի…»: Այսինքն` մի՛ մտածէք մեր մասին, մենք հոս ենք, Հայաստան. իսկ երբ Հայաստանի հողին վրայ ես, ԼԵՄ-ական ընկերներուդ հետ, ատկէ աւելի մեծ բախտաւորութի՞ւն:

Դադարներուն… «դադար» չկար հարցումներէն: ԼԵՄ-ի մեր օրերուն` ազգային, գաղափարական, քաղաքական ու ընկերային խնդիրներու մասին: Յատուկ երկիւղածութեան հասնող ապրում մը նշմարելի էր բոլորին մօտ` Լիզպոնի տղոց կապակցութեամբ. իրենց ԼԵՄ-ական նախնիներն են: Լիզպոնի տղոց նկատմամբ ակնածանքին մէկ այլ դրսեւորումին ականատես պիտի ըլլայի շաբաթ մը վերջ: Բայց այս մասին` քիչ վերջ:

Նաեւ անձնական հարցումներ` հայրիկս, հօրեղբայրս, մօրաքոյրս եւ այլն կը ճանչնա՞ք, ընկե՛ր Վաչէ: Այո՛, մէկ առ մէկ կը յիշուին բոլորը, բոլորին մասին յուշերու պատառիկներով: Մէկն ալ… Բրուտեան էր, Քրիսը. ազգակա՞ն ենք, չէ՛… Նաեւ` հարցումներ իմ կողմէս, թէ ո՞ր մասնաճիւղէն են, ո՞ւր կը բնակին, կ’աշխատի՞ն, թէ՞ կ’ուսանին: Մէկը Թրատէն է, Մանոն. արդեօք կը ճանչնա՞յ Յարութը, սափրիչ, աւելի ծանօթ` պերպեր Յարութ անունով: Անշուշտ կը ճանչնայ. խնդրանքս կատարելու խոստում կու տայ, երբ վերադառնայ, իմ կողմէս պիտի գրկէ Յարութը, այդ լաւ ընկերը` «ընկեր Վաչէին կողմէ» ըսելով. այդքան միայն: Յարութը արժանի է այդ յարգանքին: Կասկած չունիմ, որ Մանոն յարգեց իր խոստումը: Հապա՞ գիւմրեցի բժիշկ Հենոն, իր համով հոտով բարբառային հայերէնով, հապա՞ արաբագիտութեան ուսանող Տարօնը… Թող ներեն ինծի բոլորը, որ չեմ կրնար յիշել բոլորին անունները մէկ առ մէկ: Յանցաւոր կը զգամ ատոր համար, բայց կ’ապաւինիմ ԼԵՄ-ական ու ՀԵՄ-ական ընկերներուս ներողամտութեան:

Այս նուիրուած տղոց ու աղջիկներուն աչքերուն մէջ հաւատք կայ, նուիրում կայ. բայց մանաւանդ` սորվելու, աւելի ու աւելի գիտնալու ձգտում կայ: Այդ մէկը կ’արտայայտուի իրենց իւրաքանչիւր շարժումին, խօսքին, ձայնի ելեւէջներուն մէջն իսկ: Բանակումի այս չարքաշ ու կարգապահական խիստ մթնոլորտին մէջ, ուր նոյնիսկ լոգանքի ջուր չկայ, «զրկանք»-ը կարծէք կապ չունի իրենց հետ: Իրենք հոս են բան մը աւելի սորվելու, բան մը աւելի ընկալելու համար: Իսկ չարքաշ մթնոլորտին մէջ կատակնե՞րը… Ձեզի «պարտքի տուած» սիկարեթներուս դրամը ո՞վ պիտի տայ, տղա՛ք, Դրո՞ն, «նկարիչ» Յարո՞ւթը, թէ՞ Քեւինը…

Զարմանալի ալ չէ այս մէկը, գէթ` ինծի համար, որովհետեւ երբ վաղը կարիքը զգացուի, այս տղաներն ու աղջիկներն են (բանակումին մասնակից կամ ոչ), որ գործողներու առաջին շարքերուն մէջ պիտի ըլլան: Անցնող օրերուն Քեւինին նկարը տեսայ, բեմին վրայ էր, մեր նահատակ ընկերոջ ոգեկոչական ձեռնարկին: Տեսանելի եւ չերեւցող ու սեւ աշխատանքին վարժ կ’երեւին արդէն բոլորն ալ: Դաշնակցական գործի իրենց առաջին քայլերուն մէջն են բոլորն ալ: Մեր կարծածէն ալ աւելի. որովհետեւ երբ Արցախի ազատագրական պայքարին մէջ ՀՅԴ-ի դերին մասին ընկեր Արտաշէսի դասախօսութեան աւարտին հարցում եղաւ աղջիկներու բանակէն ներս ծառայելու մասին եւ դասախօսը կտրուկ կերպով իր անհամաձայնութիւնը յայտնեց, դուք պիտի տեսնէիք ընդվզումը ԼԵՄ-ական ընկերուհիներուն մօտ: Աւարտին, ընկերուհիներուն թելադրեցի բողոքի միթինկ կազմակերպել ընկ. Արտաշէսին դէմ…

Այդ քանի մը օրերուն ընթացքին արդէն մտերմացած ենք: Մեզ միացնողը Դաշնակցութեան շունչն ու ոգին է. զոհաբերութեան ու նուիրումի կոչը:

Չգրե՞լ, չխօսի՞լ այս մասին, ուրիշներն ալ «չվարակե՞լ»: Վարանդան ու Նանորը (երկու այլ նուիրեալներ) կը հաւաքեն խումբ մը տղաներ ու աղջիկներ: Անոնց հետ անդրադարձ կը կատարուի այս բանակումի կարեւորութեան` դաշնակցական երիտասարդին ներաշխարհը բացայայտելու, բանակումը արժեւորելու իմաստով: Կասկած չունիմ, որ «Ռազմիկ»-ի բանակումին նուիրուած թիւին մէջ ալ ներկայ են անոնք, իրենց վերլուծումներով ու ապրուած այս օրերու ականատեսի վկայութիւններով:

Հապա՞ խանդավառութիւնը այդ գիշերները, երբ բանակավայր այցելեցին հայութեան ազատամարտի փառքը երգողներ Մակիչը, Ներսիկը եւ Սմբուլը: Չեմ գիտեր, թէ ո՞վ որմէ՛ ուժ առաւ այդ ժամերուն ընթացքին. բանակողնե՞րը, թէ՞ երգիչները… Այս պատճառով ալ, երբ հասաւ բաժանումի պահը, վերջին օրը, կարծէք մեզմէ իւրաքանչիւրը ա՛յդ պահուն զգաց բանակումին մեզի պարգեւած հարստութեան արժէքը: Փաթթուած Վարդանին` չէի ուզեր բաժնուիլ: Ինք զգաց:

***

Աւարտած էր բանակումը: Յաջորդող օրերուն էր, ընկերներուս հետ Քարվաճառ կ’ուղղուէի, երբ հնչեց հեռաձայնս: Վարդանն էր. «Ընկե՛ր Վաչէ, իրիկունը խրախճանք ունինք…»: Ի՞նչ պատասխանեմ, ե՛րբ չեմ գիտեր, թէ երբ կրնամ վերադառնալ Երեւան:

Երեկոյեան, հազիւ հասած, տակաւին ընկերոջս Գէորգին շէնքին վարի մուտքին, դարձեալ նոյն հրաւէրը` հեռաձայնով: Չէ՛, կարելի չէ, ճիշդ չէ չերթալը:

Հազիւ սրահ մտած` զգացի, որ հարազատներով շրջապատուած եմ: Չեմ գիտեր` ո՞վ, ինչպէ՞ս, բայց յանկարծ անդրադարձայ, որ արդէն երկրորդ բաժակն է որ կը տրուի ձեռքս… Արդէ՞ն… Չէ՛, այս տղաքը նաեւ հաւաքական խրախճանքի արժէքն ալ գիտեն: Բանակումին ճաշեցին միասին, երգեցին միասին, դասախօսութիւններ մտիկ ըրին միասին, մարզանք ըրին միասին, ցեխոտեցան միասին: Հիմա ալ շահած են միասին ուրախանալու, նոյնիսկ ընկեր Վաչէն ու ընկեր Վարդանը իրենց ուսերուն առնելով` պարելու իրաւունքը…

Բայց դաշնակցական այս տղոց ու աղջիկներուն նոյնիսկ խրախճանքը ուրիշ արժէք ունի: Սուրիայէն եկած ընկեր Սուրէնը յեղափոխական երգերու շարք մը սկսաւ: Երբ սկսաւ Լիզպոնի տղոց նուիրուած երգին նախերգանքը, սրահը ելեկտրականացաւ: Քար լռութիւն: Ներքին հաղորդակցական թելերով կարծէք, յանկարծ իրարու «Ուացսափ»-ի նման «մեսէյճ»-ներ կայծակի արագութեամբ փոխանցուեցան մէկէն միւսը, բոլորը ոտքի ելան մէկ մարդու նման, իրարու միացան սրահին կեդրոնը կլոր մը կազմելով, ուս ուսի, գրկելով զիրար, իրենք եւս երգեցին ոչ միայն ձայներով, այլ հոգիներէ ու սրտերէ բխած ապրումով ու թաց աչքերով:

Ուխտ նորոգելու արարողութիւն մըն էր` երկիւղածութեամբ ու վճռակամութեամբ միախառնուած: Գաղափարի եւ հողին զոյգ ուժերը միացած` փոթորիկի բռնեցին բոլորը, անխտի՛ր:

Ուխտերնիդ կատա՛ր, վարձքերնիդ կատա՛ր, սիրելի՛ գաղափարակից ընկերներ եւ ընկերուհիներ: Այլեւս ոչ մէկ ուժ կրնայ Հայաստանը ձեր մէջէն դուրս հանել:

Լոս Անճելըս

Viewing all 12135 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>
<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596344.js" async> </script>