Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12115 articles
Browse latest View live

Հուրիկը (Հուրիկ Թուխանեան-Ճէյքըպսի Քառասունքին Առթիւ)

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ

Հուրիկը ճանչցայ 1963-1966 տարիներուն, երբ միջնակարգէս ետք յաճախեցի Ճեմարան:

Նորեկ աշակերտ` առաջին մէկ երկու շաբաթը համարձակութիւնը չունէի նոր ընկերներուս, մանաւանդ դասընկերուհիներուն հետ մօտիկ յարաբերութիւն մշակելու: Սակայն զբօսանքներուն երեք զոյգ պասքեթպոլ խաղալնիս առիթ եղաւ այդ կապը հաստատելու, մանաւանդ` Հուրիկին հետ, որ մարդամօտ, խօսուն եւ համակրելի աղջիկ մըն էր:

Հուրիկը շատ լաւ մարզիկ էր եւ ոչ միայն Ճեմարանի առաջին խումբէն պասքեթպոլ կը խաղար, այլ նաեւ` ՀՄԸՄ-ի աղջիկներու ներկայացուցչական խումբէն, որ գլխաւորաբար կազմուած էր Ճեմարանի աշակերտուհիներէն:

Դասարանին մէջ Հուրիկը լուրջ եւ յառաջադէմ աշակերտուհի էր, բարձր արդիւնքներով` գիտական, գրական, լեզուական թէ պատմական նիւթերու մէջ: Այս մէկը արդիւնք էր իր բնածին ուշիմութեան, որով դասերը սորվելու համար շատ ժամանակ չէր տրամադրեր, յաճախ կը գոհանար դասարանին մէջ տրուած բացատրութիւններով: Իր այս ուշիմութեան համար ան կը վայելէր ուսուցիչներուն յատուկ ուշադրութիւնը: Հուրիկը Ճեմարանը աւարտեց բարձր յիշատակութեամբ:

Դասերուն ու պասքեթպոլին կողքին, ան կը կարեւորէր նաեւ ընկերային կեանքը: Արտադպրոցական ձեռնարկներուն կամ մեր դասարանային հանդիպումներուն փնտռուած ընկերուհին էր, որ ժպտերես, սրամիտ պատմութիւն մը կամ կատակ մը ունէր պատմելիք:

Վայելուչ հագուածքով ու լուրջ արդուզարդով` Հուրիկը միշտ համակրելի ներկայութիւն էր ընկերային հանդիպումներուն: Հեզաճկուն ու գեղեցիկ կերպով կը պարէր եւրոպական ամէն տեսակի պար, միշտ փնտռուած զոյգ էր: Բացի եւրոպական պարերէն` Հուրիկը կը գերազանցէր նաեւ հայկական պարերու մէջ: Մաս կը կազմէր Վանեցիներու հայրենակցական միութեան պարախումբին, որ տարեկան քանի մը հրապարակային ելոյթներով կը ճոխացնէր լիբանանահայ մշակութային կեանքը:

Ճեմարանը աւարտելուն` 1966-ի ամրան, Հուրիկը ընտանեօք գաղթեց Տիթրոյիթ` Միացեալ Նահանգներու հիւսիսարեւելեան շրջան: Իր մեկնումով մեր միջեւ եղած կապը կտրուեցաւ: Հուրիկին մասին պարբերաբար կը տեղեկանայի այն դասընկերուհիներէն, որոնց հետ կը նամակցէր:

Տիթրոյիթի մէջ Հուրիկը համալսարանական ուսումը շարունակած էր Ուէյն սթէյթ համալսարանին մէջ` մասնագիտանալով օտար լեզուներու դասաւանդման ճիւղին մէջ, ստանալով մագիստրոսի տիտղոս` անգլիախօսներուն ֆրանսերէն եւ սպաներէն դասաւանդելու մէջ: Նաեւ տեղեկացած էի, որ 1967-ին ամուսնացած էր Ռապըրթ Ճէյքըպսին հետ եւ ունեցած` չորս զաւակ:

Տարիներու թաւալումով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բերումով այդ պարբերական տեղեկութիւններն ալ դադրեցան, մինչեւ որ 2000-ին Համազգայինի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով, իբրեւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ, կազմակերպական առաքելութեամբ, շրջան այցելեցի:

Այս առթիւ Տիթրոյիթ կեցութեանս երկու օրերուն պատեհութիւնը ունեցայ գիշեր մը ճեմարականներու հետ ըլլալ, որոնց կարգին` Հուրիկը:

Այդ գիշեր Հուրիկին հետ վերյիշեցինք Ճեմարանի մեր աշակերտական հին ու անհոգ օրերը, դասարանային մեր հաւաքոյթները, դասընկերները, որոնցմէ քանի մը հատը արդէն կանուխ բաժնուած էին այս աշխարհէն:

Հուրիկը պատմեց իր ասպարէզին ու ընտանեկան կեանքին մասին: Համալսարան եղած տարիներուն իսկ սկսած էր հայերէն դասաւանդել ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին մէջ: Իր մասնագիտութիւնն ու հայերէնի տիրապետելը նպաստած էին, որ շուտով դառնայ հայերէնագիտական նիւթերու պատասխանատու: Ուրախ էր, որ կը գործէր հայկական միջավայրի մէջ, ինչ որ հոգեկան մեծ բաւարարութիւն կու տար իրեն:

Զաւակները հայկական դպրոց յաճախած էին, սահուն կերպով հայերէն կը խօսէին, կը կարդային ու կը գրէին: Մաս կը կազմէին ՀՄԸՄ-ի մարզական խումբերուն: Միջնեկ աղջիկը` Քեթին ՀՄԸՄ-ի Տիթրոյթի խումբին հետ այդ ամառ գացած էր Պէյրութ` իբրեւ երկար վազքերու ախոյեան մասնակցելու միջմասնաճիւղային խաղերուն: Պէյրութի եւ Ճեմարանի մեր յուշերով յագեցած` բաժնուեցանք:

Հուրիկին ու միւս դասընկերներուն հետ կապս վերահաստատուեցաւ 2011-ին, Պօղոս Շահմելիքեանի միջոցով, երբ համացանցի վրայ խումբ մը ընկերներ սկսանք նամակցիլ: Հուրիկը, ըստ սովորութեան, մեր խմբակի ամէնէն պարտաճանաչ գրողն էր` ժամանակին պատասխանելով մեր բոլոր նամակներուն:

Այս նամակագրութիւններու ընդմէջէն տեղեկացայ, որ 2010-ին զաւակներուն հետ այցելած էր Արեւմտահայաստան` ծնողներուն ծննդավայրը Վան եւ Խարբերդ ու վերադարձին իր այցելութեան մասին դասախօսութիւններ տուած` Տիթրոյիթի հայութեան:

Մեկնելով իր ուսուցչական փորձառութենէն, պատրաստած ու հրատարակած էր անգլիախօս աշակերտներուն հայերէն սորվեցնելու յատուկ դասագիրք մը: Իսկ վերջին տարիներուն ուսուցչական ասպարէզին կողքին` Տիրպորնի Միչիկըն համալսարանի Հայագիտական նիւթերու ուսումնասիրական կեդրոնի գրադարանի եւ արխիւներու պատասխանատուի պաշտօնը կը վարէր` իբրեւ փրոֆ. Արա Սանճեանի օգնական, միեւնոյն ատեն օժանդակելով ոչ հայախօս ուսանողներուն` իրենց արխիւային պրպտումերուն եւ ուսումնասիրութիւններուն մէջ:

Երեք տարիէ ի վեր Հուրիկը կը տառապէր քաղցկեղէ եւ փոխանակ դասական դարմանումի ենթարկուելու` հաւատքով կառչած էր բոյսերու միջոցով դարմանուելու գործընթացին:

Հուրիկին մահով մենք կորսնցուցինք հաւատաւոր ճեմարանական մը, իսկ Տիթրոյիթի հայ գաղութը` հայերէնի նուիրեալ ուսուցչուհի մը:

Յիշատակը մնայ անթառամ:

 

 


Վերջին Հեռաձայնը (Հուրիկին Յիշատակին)

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Երէկ էր կարծես, երբ դպրոցական նստարաններու վրայ պատանիներ ու պարմանուհիներ էինք:Այսօր, դարձած ենք ծնողներ ու մեծ ծնողներ:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ցիր ու ցան ըրաւ բոլորս, սակայն այդ մէկը զիրար մոռնալու պատճառ չդարձաւ: Շնորհիւ արհեստագիտութեան բարիքներուն` տարիներ ետք վերագտանք զիրար: Վերակենդանացուցինք մեր դպրոցական օրերը: Կազմեցինք «խմբակ» մը` ե-նամակի խմբակ, որուն միջոցով իրարու հետ կապի մէջ ենք գրեթէ ամէն օր:

Երկար տարիներ` իրարմէ ոչ մէկ լուր, եւ ապա կամաց կամաց կծիկը քակուեցաւ: Մեծցաւ «խմբակ»-ը: Սովորութենէ աւելի` կարծես պարտականութիւն դարձաւ օրական իրարու հետ կապուիլը:

Ունեցանք «վիճաբանական ասուլիսներ», թեր ու դէմ կարծիքներ, դպրոցական օրերէն յուշեր:

Ուրախացանք իրարմով: Մէկուն ուրախութիւնը դարձաւ բոլորիս ուրախութիւնը:

Ուրախութիւններու կողքին, ունեցանք կորուստներ:

Մէկուն վիշտը դարձաւ բոլորիս ցաւը:

Քառասուն օրեր առաջ կորսնցուցինք մեր «խմբակ»-ի պարագլուխ-անդամներէն Հուրիկը, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն տասնամեակ մը  առաջ ընտանիքով հաստատուած էր Միացեալ Նահանգներ:

Տիպար աշակերտուհի էր Հուրիկը: Գիտական դասերու կողքին, համահաւասար սէր ունէր ֆրանսական եւ հայկական գրականութիւններուն: Իրեն համար բոլոր նիւթերը առաջնահերթ էին: «Անկարեւոր», կամ նուազ կարեւոր նիւթ գոյութիւն չունէր իրեն  համար:

Հիանալի մարզիկ էր: Մաս կազմած էր Նշան Փալանճեան Ճեմարանի եւ ՀՄԸՄ-ի աղջկանց պասքեթպոլի խումբերուն:

Լիբանանի Միացեալ աղջկանց պասքեթպոլի խումբին հետ մեկնեցաւ Հունգարիա, Պուտափեշտ` մասնակցելու համալսարանականներու ողիմպիականին:

Հաւաքականին մեծամասնութիւնը ՀՄԸՄ-ի մարզիկներն էին, որոնցմէ  չորսը` Ճեմարանէն. Հուրիկը, Յասմիկը, Սելլան եւ Սրբուկը:

Հուրիկին բազմաթիւ առաւելութիւններուն վրայ աւելցնենք իր անբացատրելի ազնիւ հոգին: Բնական երեւոյթ է դպրոցական տարիներուն դասընկերներու միջեւ երբեմն «սեւ կատու» մը անցնիլը, քանի մը օր իրարու հետ չխօսիլ ու ապա հաշտուիլը, սակայն Հուրիկին պարագային ՉԷ ՊԱՏԱՀԱԾ, որ ան ոեւէ դասընկերոջ կամ դասընկերուհիի հետ անհամաձայնութեան մը պատճառով նեղուի: Զիջողը ՄԻՇՏ եղած էր ինք:

1965-ին բացառիկ յաջողութեամբ աւարտեց Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը եւ տարի մը հազիւ անց` ընտանիքով փոխադրուեցան Միացեալ Նահանգներ, Տիթրոյիթ քաղաքը, ուր շարունակեց իր բարձրագոյն ուսումը Ուէյն սթէյթ համալսարանին մէջ ստանալով արդէն իսկ իրեն ծանօթ ֆրանսերէն լեզուին մագիստրոսի տիտղոս, նաեւ որոշ չափով տիրապետեց սպաներէնին, որ երկրորդ լեզու մը կը համարուի Ամերիկայի մէջ:

Համալսարանական տարիներուն ծանօթացաւ միեւնոյն համալսարանին մէջ ուսանող Ռապըրթ Ճէյքըպսի, եւ կարճ ժամանակ ետք բարեկամութիւնը փոխարինուեցաւ փոխադարձ սիրով, եւ 1977-ին ընտանիք կազմեցին: Հուրիկ Թուխանեանը դարձաւ Հուրիկ Ճէյքըպս, սակայն իր օտար մականունին անբաժան մասնիկը մնաց իր հայկական մականունը: Յաւերժ կոչուեցաւ Հուրիկ Թուխանեան-Ճէյքըպս:

Ունեցան 4 սիրասուն զաւակներ` Քարլ, Քեթի, Սեդա եւ Ճենի, որոնք հետագային իրենց ծնողներուն շնորհեցին 7 թոռներ:

Նետուեցաւ ուսուցչական ասպարէզ` օտար լեզուներ դասաւանդելով Մամֆորտ հայ սքուլի մէջ, նաեւ` շրջանի հայկական վարժարաններու մէջ անձնական հայերէն լեզուն դասաւանդելով հայերու, որոնք կը փափաքէին ծանօթանալ իրենց մայրենիին:

Հասկցող ամուսին մը ունէր: 4 զաւակները ստացան հայկական ուսում, իսկ ինք երկար տարիներ շաբաթավերջերուն իր սիրայօժար մասնակցութիւնը բերաւ  Տիթրոյիթի հայկական համայնքին, կիրակնօրեայ եւ շաբաթօրեայ հայկական վարժարաներու մէջ հայերէն դասաւանդելով:

2010 թուականին իր կարեւորագոյն երազներէն մէկը իրականացաւ,երբ իր աղջկան ու փեսային հետ այցելեց Արեւմտեան Հայաստան, Հուրիկի մօր ծննդավայրը` Խարբերդ, ու ապա հօր ծննդավայրը` Վան:

Վերադարձին, իրենց շրջապտոյտը մանրամասնօրէն եւ պատկերազարդ, մաս առ մաս ուղարկեց մեզի` դասընկերներուն. զանոնք մինչեւ օրս պահած եմ արխիւներուս մէջ: Հիանալիօրէն նկարագրած էր ամբողջ շրջանը, ի մասնաւորի իր ծնողներու ծննդավայրերը` Վանն ու Խարբերդը:

Գրութիւնը անգլերէնով է: Մտադրած էր գրքոյքի վերածելով` օտարներուն ծանօթացնել մեր բռնագրաւուած հայրենիքը, եւ արդէն իսկ սկսած էր աշխատանքի, իսկ աւելի ուշ որոշած էր հայերէնի թարգմանելով` ուղարկել հայկական թերթերու, երբ անսպասելիօրէն անհանգստացաւ:

Ախտաճանաչուած էր քաղցկեղ հիւանդութիւն:

Անհաւատալիօրէն քաջ էր, նաեւ` աստուածավախ: Ախտաճանաչման յաջորդ օրն իսկ ե-նամակով մեզի`դասընկերներուն տեղեկացուց իր անհանգստութիւնը, յայտնելով. «Մտահոգուելիք ոչինչ կայ: Աստուծոյ կամքով պիտի բուժուիմ»:

Աւելի քան 4 տարի պայքարեցաւ իր հիւանդութեան դէմ: Յաճախ հեռաձայնային զրոյց կ’ունենայի իրեն հետ: Ամէն անգամ նոյն կենսուրախ Հուրիկն էր, ինչպէս ճանչցած էինք զինք դպրոցական օրերուն:

2014-ի օգոստոս ամիսն էր: Ընտանիքովս արձակուրդի գացած էինք հիւսիսարեւելեան Ամերիկայի կեդրոնական շրջանը: Ամէն օր տարբեր քաղաք մը կ՛այցելէինք: Յաջորդ օր պիտի հասնէինք Տիթրոյիթ, ուր հաստատուած էր Հուրիկ: Անհամբեր էի հանդիպելու երկու դասընկերուհիներուս` Հուրիկին եւ Անի Ղարիպեանին: Հեռաձայնեցի Հուրիկին` տեղեկացնելով, որ յաջորդ օրը կը հասնինք իր քաղաքը:

Յաջորդ առաւօտ կանուխ Հուրիկ ընտանիքով պատրաստուած էր մեկնելու տարբեր նահանգ մը, արձակուրդի:

– Կարելի՞ բան է, որ մինչեւ հոս գաս եւ զիրար չտեսնենք,- ըսաւ:

Առաւ մեր պանդոկին հասցէն եւ քանի մը ժամ հեռու գտնուող մեր քաղաքը ժամանեցին Հուրիկն ու Անին` ընկերակցութեամբ Հուրիկին երկու եղբայրներուն եւ ամուսնոյն:

Ապրեցանք անմոռանալի երեկոյ մը, որուն մասին տարիներ առաջ անդրադարձած եմ «Հանդիպում» խորագիրով յօդուածով մը:

Ինքզինքս բախտաւոր կը նկատեմ, որ հազուագիւտ դասընկերներէն եմ, որ յիսուն տարի ետք բախտը ունեցայ  հանդիպելու երկու ազնիւ դասընկերուհիներուս:

* * *

«Այնքա՜ն մօտ ենք: բայց կարօտ ենք Մասիսին»: (Ժող. երգ)

Այո՛, մօտ ենք Մասիսին, սակայն կրնանք միայն հեռուէն դիտել ու սքանչանալ, իսկ մենք` դասընկերներս, իրարմէ հեռու ըլլալով հանդերձ, այնքա՜ն մօտ ենք ու հարազատ, եւ մեր բոլորին ամենամօտը` Հուրիկը, մահաքունի մէջ էր եւ կեանքի ու մահուան ճակատամարտ մըն էր, որ կը մղէր:

Դժբախտաբար կորսնցուց ճակատամարտը ու մեկնեցաւ անվերադարձ:

Երկնային արքայութիւն մուտք գործելու համար տարբեր ճակատամարտի մը կարիքը չունի Հուրիկը: Իր ամբողջ կեանքը նուիրումով անցընող, աստուածավախ անձ մը, վստահաբար արդէն իսկ մուտք գործած է, ո՛չ մէկ կասկած: Վերէն կը դիտէ մեզ իր բարի ժպիտը դէմքին:

Մեզմէ ամէնէն պարտաճանաչն էր: Որեւէ նամակ անպատասխան չէր ձգեր:

Ե-նամակի մեր խմբային ցանկին մէջ պիտի պահեմ իր հասցէն` քաջ գիտնալով, որ մեր նամակները պիտի մնան անպատասխան, սակայն ցանկէն դուրս հանելու յանդգնութիւնը չունիմ:

Կրնա՞յ ըլլալ, որ վերէն կարենայ կարդալ, սակայն պատասխանելու կարելիութիւնը չունենայ:

Հուրիկին յոգնած եւ հիւծած մարմինը յաւերժական հանգիստը գտաւ Տիթրոյիթի մէջ, հեռու` իր ծննդավայրէն, նաեւ` հեռու իր դասընկերներէն:

Հազարաւոր մղոններ հեռուէն մասնակից ենք իր ընտանեկան պարագաներուն խոր սուգին:

Հուրիկին ընտանեկան պարագաներուն կորուստը նաեւ մե՛րն է:

* * *

Հուրիկին նախընտրած երգերէն մէկն էր «Վերջին զանգը»: Այդ երգով կը յիշէր Ճեմարանի վերջին օրը եւ տիկին Գոհարին վերջին զանգը:

«Ու հնչեց զանգը հնչեց, ու հնչեց վերջին անգամ
Ծաղիկներով, մի քիչ թաց աչքերով
Կարօտելու եմ ես դպրոցն ու բոլորին
Բայց ինչ արած, մնաք բարով»:

Իսկ այժմ ես, իմ կարգիս, կը յիշեմ Հուրիկին վերջին հեռաձայնս:

Իր աղջիկը` Քեթին էր պատասխանողը: Մօտեցուց ընկալուջը Հուրիկի ականջին եւ կարճ ժամանակ ետք.

-Լսեց քեզ, փորձեց խօսիլ, սակայն ձայն չելաւ: Անխօս շարժեց շրթներն ու դարձեալ փակեց աչքերը:

Հուրիկին հետ խօսելու վերջին փորձս էր:

Վերջին հեռաձայնս:

Հուրիկին կեանքի «վերջին զանգը»:
«Ծաղիկներով, մի քիչ թաց աչքերով
Կարօտելու ենք  Հուրիկին
Բայց ինչ արած…

Մնա՛ս բարով:

Լոս Անճելըս, 2017

Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան

$
0
0

Պուէնոս Այրեսի Սան Անտրես համալսարանի միջազգային յարաբերութիւնների փրոֆեսէօր Խաչիկ Տեր Ղուկասյանի ելույթը ՀայաստանՍփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի ժամանակ

Մինչեւ 2009-2010, Լատինական Ամերիկայի մէջ հակահայ արշաւը գրեթէ բացառապէս թրքական դիւանագիտութեան նախաձեռնութիւնն էր եւ կեդրոնացած Ցեղասպանութեան ժխտումի ջանքերուն վրայ: Այդ արշաւը, որ առաջ կը տարուէր մասնաւորաբար Հարաւային Ամերիկայի հայաշատ երեք համայնքներու երկիրներու՝ Արգենտինա, Ուրուկուայ եւ Պրազիլ քաղաքական-դիւանագիտական շրջանակներու եւ հանրային կարծիքին ուղղութեամբ, չյաջողեցաւ:

Երեք երկիրներու հայ համայնքները դեռեւս Ցեղասպանութեան 50րդ տարելիցէն, բայց մասնաւորաբար 1980ական թուականներուն ժողովրդավար կարգերու վերահաստատումով, ոչ միայն քաղաքական կազմակերպ աշխուժութեան փաստը տուած էին այլեւ արձանագրած նշանակալից յառաջընթաց սկսեալ 1965ին իսկ Ուրուկուայի Խորհրդարանի հայանպաստ բանաձեւէն որ կոչ կ’ուղղէր Սեւրի Դաշնագրի փաստաթուղթի հիման վրայ հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներու վերահաստատման, որպէս հիմնաւորում ունենալով Ցեղասպանութեան զոհ գացած ժողովուրդի իրողութիւնը: Հետագային, եւ ի դէմս անցնող երեսնամեակին Հայ Դատի աշխատանքներու իրերայաջորդ յաջողութիւններուն նշեալ երեք երկիրներուն բայց նաեւ ստուար թիւով հայկական համայնքներու ունեցող Վենեզուելայի, Մեքսիքոյի եւ եւ նոյնիսկ հայ համայնք չունեցող Պոլիվիայի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դիւանագիտական արշաւի ձախողութիւնը քիչ կասկածի առիթ տուաւ:

Այդուհանդերձ, տարիներու ընթացքին թրքական ժխտողականութեան դիւանագիտական արշաւը ստեղծած էր իրեն յատուկ մեխանիզմն ու աշխատաձեւը, եւ վերածուած հակահայ պայքարի ռազմավարութեան բնորդի մը: Ընդ որում, թրքական ազդեցիկ համայնքներու բացակայութեան հայկական աշխուժութեան հակակշիռ հաստատելու ռազմավարութիւնը ուղղուեցաւ նախ եւ առաջ միջ-պետական համագործակցութեան եւ փոխ-շահաւէտութեան ներկայի ու ապագայ հեռանկարներու շեշտադրման որպէս թէ անցողակիօրէն հայկական այսպէս կոչուած «լոպպի»ին «արգելք»ը յուշելով: Ապա, օրէնսդիր իշխանութեան ոլորտին ինչպէս նաեւ լրագրողներու շրջանակին մէջ փրօ-թրքական տեսակէտներու պաշտպանութեան եւ տարածման ազդեցութիւն բառացիօրէն գնելու:

Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը, որ արդէն գրեթէ տասնամեայ փորձառութիւն կուտակած է, կառուցուեցաւ թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ՝ որդեգրելով անոր աշխատանքային մեթոտը եւ ստեղծած կապերը: Բայց ազրպէյճանական հակահայ արշաւը իր կշռոյթով, մասշտաբով եւ նոյնիսկ հետեւողականութեամբ կարելի ըսել որ գերազանցեց թրքական ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը: Այնքան մը որ այսօր Լատինական Ամերիկայի մէջ հակահայ արշաւին յառաջապահը Ազրպէյճանն է եւ ոչ այնքան Թուրքիան: Դերերու այս փոփոխութիւնը կը բացատրուի անով որ մինչ թրքական ժխտողականութիւնը պայքար էր սփիւռքեան զօրաշարժի դէմ եւ գոնէ անմիջականօրէն առընչակից չէր միջ-պետական շահերուն, Ազրպէյճանը, ընդհակառակը, հակահայ պայքարը տեղադրեց միջ-պետական շահերու ոլորտին մէջ եւ անդրադարձաւ որ Սփիւռքի մէջ հակահայ դիւանագիտական արշաւը այդ պայքարի բաղադրիչ հիմնական մէկ մասնիկն է: Աւելի՛ն, մինչ Թուրքիա կրնար Ցեղասպանութեան եւ սահմանը բանալու հեռանկարով փորձել ճեղք փնտռել Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ, Ազրպէյճան քաջ գիտակից էր որ Արցախի հարցով նման ճեղք չկար եւ չէր կրնար ստեղծուիլ դիւանագիտական ջանքերով:
Հակառակ որ հայկական դիւանագիտութիւնը Հարաւային Ամերիկայի մէջ անկախութեան առաջին տարիներէն սկսեալ ներկայութիւն եղած է եւ այդ մէկը, գումարած արցախեան շարժման առաջին օրերուն Արգենտինայի թէ Ուրուկուայի մէջ հայանպաստ կարեւոր բանաձեւումներու քաղաքական շրջանակներու մէջ, Հայաստանին մեծ առաւելութիւն կու տար, Ազրպէյճան շատ պատրաստուած եւ, մանաւանդ, ռազմավարական յստակ առաջադրանքով սկսաւ իր դիւանագիտական գործընթացը եւ շատ կարճ ժամանակի, հազիւ ամիսներու, ընթացքին արձանագրեց կարեւոր յառաջխաղաց:

Թերեւս միայն զուգադիպութեան արդիւնք ըլլայ այն որ Ազրպէյճան Հարաւային Ամերիկայի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն ստեղծեց 2010ին, այն տարին երբ արգենտինեան համայնքի զօրաշարժը յանգած էր Պուէնոս Այրէսի մէջ Աթաթուրքի կիսանդրիի զետեղման սադրանքի ձախողման: Հետեւանքով ոչ միայն Էրտողան ջնջեց իր ծրագրած այցելութիւնը այլ թուրք դեսպանը տուն կանչուեցաւ եւ յաջորդ տարիներուն դեսպանատան գործունէութիւնը նուազագոյնի իջաւ: Զուգադիպութիւն չէ’ սակայն Պաքուի որոշումը՝ իր առաջին դեսպանատունը բանալու Պուէնոս Այրէսի մէջ ուր կայ ամենէն աւելի բազմաշատ եւ քաղաքականապէս աշխոյժ հայկական համայնք մը: Օրուայ դեսպանին իսկ վկայութեամբ նպատակը հայկական համայնքի քաղաքական զօրաշարժին հակակշռի ստեղծումն էր:

Այս մէկը չի նշանակեր սակայն որ Ազրպէյճանի դիւանագիտութիւնը կը բաւարուէր նման երեւութապէս անցողակի նպատակով: Ոչ ալ որ պիտի կեդրոնանար միայն հայաշատ համայնք ունեցող երկիրներուն վրայ: Ընդհակառակը, շուտով երեւան ելաւ որ ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան յարձակողական բնոյթ տալու եկած էր: Այսինքն, եթէ միջ-պետական շահերու ոլորտին մէջ հիմնականը կը մնար Արցախը, նոյնքան կարեւոր եւ արցախեան հիմնախնդրին խիստ առընչակից էր Ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը: Ընդ որում իր հակահայ արշաւին մէջ Ազրպէյճան ոչ միայն կը ժխտէ ցեղասպանական փաստը այլ Խոջալուն ներկայացնելով որպէս «ցեղասպանութիւն» հայութիւնը կը դնէ դահիճի դերին մէջ… Առաւել, մինչ թէքական ժխտողականութիւնը ընդհանրապէս անտեսած էր Լատինական Ամերիկայի այն երկիրները ուր հայկական համայնք չկայ, Ազրպէյճան, ընդհակառահը նոյն այդ երկիրներու ուղղութեամբ է որ յատուկ աշխատանք կը տանէ:

ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը առաջին օրէն իսկ հետեւելու սկսաւ ազրպէյճանական յառաջընթացին եւ արձանագրած է ամէն նախաձեռնութիւնները որ Պաքու առած է Մեքսիքոյէն մինչեւ Արգենտինա: Մեր հաւաքագրած փաստերը քիչ կասկած կը ձգեն Ազրպէյճանի դիւանագիտութեան հետապնդած հիմնական եւ անմիջական նպատակին մասին որն է՝ Արցախեան հիմնախնդիրը Մինսքի Խումբի ծիրէն դուրս բերել եւ ՄԱԿի մէջ արծարծել: Գիտակից հարաւամերիկեան երկիրներու պատմական յանձնառութեան Միջազգային Օրէնքի պահպանման, Պաքու առիթ չի փախցներ ՄԱԿի ծիրին մէջ համագործակցութեան եզրեր փնտռելու: Միաժամանակ, սակայն, ազրպէյճանական դիւանագիտութիւնը կ’աշխատի ոչ միայն ամրապնդել թրքական ժխտողականութիւնը այլ անոր տալ շատ աւելի ակրեսիւ բնոյթ՝ զոհը ներկայացնելով որպէս դահիճ: Ինչ որ կասկած պէտք չէ ձգէ որ Արցախէն անդին փանթրքականութեան աւելի համապարփակ նպատակը այսօր աւելի քան ներկայ է որպէս հայութեան գոյութենական գերագոյն սպառնալիք:

Վահան (Կոմս) Փափազեան (1876-1973 թթ.) հայ ազատագրական շարժման առաջնորդը

$
0
0

Ծնած է Թաւրիզ: Նախնական ոսումը կը ստանայ Նոր Նախիջեւան, ուր կը յարի Դաշնակցութեան: Կը յաճախէ Մոսկուայի եւ Սբ. Փեթերսպուրկի համալսարանները: Հ.Յ.Դ. գործիչ, արհեստով` լուսանկարիչ:

Կը գտնուի Ժընեւ, ուր Քրիստափորի առաջարկով, Երեւանէն Նիկոլի հետ կ’անցնի Վան` բանտարկուած Վարդգէսը փոխարինելու եւ որպէս Հ.Յ.Դ. գործիչ կազմակերպելու շրջանը եւ կապ պահելու արտասահմանի հետ: Կը Հսկէ Կովկասէն Վան ռազմամթերքի փոխադրութեան գործին: Կը վարէ կռիւներ Վասպուրականի մէջ:

Սահմանադրութեան շրջանին, կ’ընտրուի Վանի երեսփոխան: Գործի՝ Մուշի մէջ, ուրկէ Եղեռնի օրերուն, Ռուբէնի հետ կը յաջողի անցնիլ Կովկաս: Որպէս Բարեգործական ընկերութեան ներկայացուցիչ կը վերադառնայ ազատագրուծ Վան:

1919-ին մաս կը կազմէ Փարիզի Ազգ. Պատուիրակութեան: Կը Մասնակցի Հ.Յ.Դ. Թ. Ընդհանուր ժողովին, Երեւան: Ռիկայի (Լեհաստան) մէջ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն, բոլշեւիկներուն հետ, կը մասնակցի որպէս Հ.Յ.Դ. լիազօր: Յետագային Դաշնակցութեան անունով կը գործակցի թուրքիոյ քիւրտ ապստամբներուն հետ:

1947-ին կ’անցնի Լիբանան. գրի կ’առնէ իր յուշերը ու կը գրէ «Խոնարհ հերոսներ» շարքը: Կը Մահանայ Պէյրութ 1973-ի հոկտեմբերի 1-ին:

Հալէպ. Վերամուտ

$
0
0

ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Վերամուտը այս տարի դիմաւորեցինք իբրեւ վերականգնման խորհրդանիշ:

Վերամուտը դիմաւորեցինք լաւատեսութեամբ` յուսալով, որ ամէն ինչ դէպի աւելի լաւը պիտի ընթանայ:

Վերամուտը ընդունեցինք ընդգծուած լաւատեսութեամբ` ցոյց տալու համայն աշխարհի մեր հայրենակիցներուն, որ ամէն գէշ իրավիճակ դարձած է անցեալ, որ Հալէպի հայ գաղութը կը շնչէ կենսունակօրէն, որ` մեր սիրտն ու հոգին չեն թարախոտած, որ` մեր միտքը նոյնքան պայծառ է, որքան էր առաջ:

Մեր լաւատեսութիւնը ունի իր հաստատուն հիմքերը, որոնցմէ ամէնէն կարեւորը տագնապի տարիներուն մեր ոտքի վրայ մնալն էր` վիրաւոր, գաղթական, թափառական, երբեմն իյնալով եւ ամէն անգամ դարձեալ ոտքի կանգնելով դիմանալը: Անշո՛ւշտ մեզ ոտքի վրայ պահելուն մեծապէս օգնեց հայու դուրսէն մեկնած օգնութեան ձեռքը:

Տագնապի այս տարիներուն մեր դպրոցներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը իր դռները բաց պահեց` երբեմն տեղացող ռումբերու պատճառով ստիպուած ըլլալով ամբողջ շաբաթներ ընդհատել դասաւանդութիւնը: Բազմաթիւ դպրոցներ փոխադրուեցան համեմատաբար աւելի ապահով վայրեր. ազգային նախակրթական չորս դպրոցները դարձան Միացեալ վարժարան եւ ապաստանեցան Սուլէյմանիէ թաղի Կիւլպէնկեան վարժարանի շէնքին մէջ, ուր փոխադրուեցաւ նաեւ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան կեդրոն փոխադրուեցաւ Կիլիկեան վարժարանը, որուն մանկապարտէզի քանի մը տասնեակ հաշուող փոքրիկներուն Վիլլաններու իր կեդրոնին մէջ տեղ տուաւ Ազգային մշակութային միութիւնը:

Մխիթարեան վարժարանը քիչ մը կաղալով` կանգուն մնալ փորձեց եւ իր յիսնեակ մը աշակերտներով շարունակեց իր կրթական առաքելութիւնը: Հայ կաթողիկէ վարժարններէն Զուարթնոցը անառիկ մնաց Նոր Գիւղի մէջ, Անարատ յղութեան մայրապետները ամէն վտանգի եւ զրկանքի դիմանալով` շարունակեցին դասաւանդութիւնները Ազիզիէի իրենց վարժարանին մէջ, Թիլելի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանը փոխադրուեցաւ Սուլէյմանիէ-Ազիզիէ սահմանագիծին վրայ գտնուող Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շրջափակը: Միակ անխափան գործող դպրոցը եղաւ ՀԲԸ Միութեան Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան կեդրոնական վարժարանը, Ազիզիէի իր շէնքին մէջ:

Քարէն Եփփէի աշակերտներն ու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աշակերտները վերամուտը դիմաւորեցին իրենց վերանորոգ վարժարաններու շէնքերուն մէջ. առաջինը տօնախմբութեամբ` Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդին ներկայութեամբ եւ սկաուտական փողերախումբին նուագակցութեամբ, օրհնութեան խօսքերով եւ ոգեւորիչ ճառերով: Ընդհանրապէս այս տարուան հալէպահայ դպրոցներու վերամուտը իր տօնական մթնոլորտով քիչ թէ շատ կը յիշեցնէր հայաստանեան դպրոցներու ուրախ վերամուտը:

Մեր աշակերտները 2017-2018 տարեշրջանը դիմաւորեցին Քեսապի հայկական կեդրոններուն մէջ կազդուրուած. ամբողջ ամրան ընթացքին հայկական Քեսապը վխտաց հալէպահայ ուսանողներով, սկաուտներով, երիտասարդներով, ներկայ էին նաեւ լաթաքիահայեր եւ դամասկահայեր:

Քեսապագնացութիւնը կարեւոր դեր խաղցաւ հալէպահայերը լաւատես դարձնելուն մէջ` հին օրերու վերադարձի ակնկալութեամբ կամ, կամ… կը նախընտրեմ սխալած ըլլալ` հին օրերու պատրանքով:

«Հին օրերու պատրանքով» արտայայտութիւնս իր հիմքերը ունի: Այսօր սուրիահայութեան սիրտը` Հալէպը հազիւ 8000 կը հաշուէ, մեր դպրոցական աշակերտներուն թիւը քառորդի իջած է, հայ կաթողիկէ վարժարաններուն հայ կամ հայախօս (նկատի ունենալով, որ բազմաթիւ հայ կաթողիկէներ արաբախօս են) աշակերտներուն թիւը շատ աւելի նուազ է, քան արաբներունը, Հայ աւետարանական Բեթել վարժարանին մէջ կան մեծ թիւով ոչ հայեր, նոյնը Կիլիկեան վարժարանին մասին կարելի է ըսել, որուն աշակերտներուն թիւը 60-ի շուրջ կը դեգերի: Բազմաթիւ օտար աշակերտներ կան նաեւ մեր մեծագոյն վարժարաններէն` Կրթասիրաց-Չեմպերճեան վարժարանին մէջ: Քիչ թիւով արաբներ կան նաեւ Բարեգործականի դպրոցին մէջ. հոս օտար աշակերտները կա՛մ վարժարանի պաշտօնեաներու զաւակներ են, կա՛մ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու զաւակներ, զորս մերժելը գրեթէ անկարելի է: Հոս պէտք է շեշտել կարեւոր հանգամանք մը. 25-30 հոգինոց դասարանի մը մէջ նոյնիսկ 2-3 օտար աշակերտի ներկայութիւնը դասարանի լեզուն կը դարձնէ արաբերէնը, որովհետեւ բոլորը կը սկսին արաբերէն խօսիլ, որպէսզի իրենց արաբ դասընկերները հասկնան խօսուածը: Այլ անյարմար վիճակ մը եւս կը ստեղծուի դպրոցին մէջ. արաբ աշակերտները հայերէնի դասապահերուն դասարանէն դուրս կ՛ելլեն, դպրոցին մէջ անընդհատ զբօսանք ըլալու տպաւորութիւն ստեղծելով, իսկ եթէ անոնցմէ  քանի մը հոգին հայերէն սորվին, յաճախ անյարմար վիճակի մէջ կը դնեն հայերէնի ուսուցիչը, որ ինքզինք կաշկանդուած կը զգայ այս կամ այն ազգային նիւթին շուրջ անդրադառնալու պարագային: Տակաւին, կայ կրօնի դասը, որ հայերէնով կը դասաւանդուի. պէտք է ճար մը գտնել ոչ հայերուն համար: Կայ նաեւ այլ տհաճ պարագայ մը, երբեմն այս կամ այն պատճառով  անելի առջեւ յայտնուող օտար աշակերտը կը դիմէ ստոր միջոցի` պատասխանատուները մեղադրելով խտրականութեամբ վարուելու մէջ:

Հայ կաթողիկէները թերեւս ստիպուած են իրենց համայնքի օտարախօս (օտարացա՞ծ) զաւակները դպրոց ընդունիլ, Կրթասիրացի մտահոգութիւնը հաւանաբար նիւթապէս ինքնաբաւ ըլլալն է` նկատի առնելով, որ հայ աշակերտները տակաւին ի վիճակի չեն վճարելու, իսկ օտարներէն միայն վճարունակները կ՛ընդունուին: Չեմ կրնար բացատրել հայ աւետարանականներու եւ Կիլիկեանի պարագան, թերեւս առաջինը համայնքը պահելու, երկրորդը կուսակցութիւնը պահելու մարմաջէն կը մղուին:

Վերականգնումի ծիծեռնակներու նշմարումով` հայկական դպրոցները որոշած են արձանագրութեան սակ ըստ դասարաններու` 5-10 հազար սուրիականի (10-20 ամերիկեան տոլար) միջեւ տարուբերող, այս գումարը պարտաւոր են վճարել բոլորը:

Իրականութեան մէջ այս գումարը բոլորն ալ,  ոմանք դժուարութեամբ, կրնան վճարել: Անցեալ օր երկու զաւակի հայր մը վճարեց մէկուն արձանագրութեան համար` խոստանալով միւսին համար վճարել յաջորդ ամիս, իսկ «օթոքար»-ի համար` քիչ մը աւելի ուշ, գիրքերուն փոխարժէքին համար ալ` կարելի եղած արագութեամբ կարգադրութիւն մը ընելու խոստումով: Դպրոցի ինքնաշարժներով երթեւեկի համար ալ վճարումը պարտադիր է` 20-30 տոլար` ամբողջ տարին, որ շատ աւելի նուազ է, քան քաղաքին մէջ գործող որեւէ այլ փոխադրական միջոցի ծախսը:

Կրթաթոշակները պիտի չկարենան ծածկել դպրոցներու տարեկան ծախսերուն կէսն իսկ. հակառակ ասոր` պատկան մարմինները պատրաստ են զեղչելու 60-70 տոկոս գրեթէ բոլորէն, անշուշտ` կարգ մը աշակերտներէ բոլորովին չգանձելով:

Այստեղ մենք` հալէպահայերս կը կանգնինք քննութեան մը առջեւ. բոլո՞րս ալ պիտի փորձենք մէկ դահեկան իսկ չվճարել, թէ՞ պիտի փորձենք ելլել մեր մուրացկանի վիճակէն եւ ամէն մէկը պիտի ջանայ գոնէ մաս մը վճարել, չէ՞ որ դպրոցը մեր դպրոցն է, չէ՞ որ մենք ալ մեր արժանապատուութիւնը ունինք, չէ՞ որ դուրսի մեր հայրենակիցները իրաւունք ունին հարցնելու.

– Վճարունակ հայ չէ՞ մնացած գաղութին մէջ:

Չաճապարենք եզրակացութիւններ ընելու, բոլորին հետ ուրախանանք վերականգնումի խորհրդանիշ վերամուտով:

Հալէպ, 17 սեպտեմբեր 2017

 

Սլաքներ. Նոպէլեան Նոր Մրցանակի Ծրագիր…

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ աշխարհի տարածքին յարգանք ու համարում վայելող լրատու աղբիւրներ մե՜ծ գիւտ մը ըրին. յայտարարեցին, որ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները ի վերջոյ որոշած են ինքնաշարժ վարելու արտօնութիւն տալ կիներուն, կիրարկելի` յառաջիկայ տարի, այս իրագործումը վերագրեցին երիտասարդ գահաժառանգին եւ ընդամէնը 25 վայրկեան տեւող միջազգային լուրերուն շարքին, հազար ու մէկ մեկնաբանութիւններով, շուրջ 5 վայրկեան տրամադրեցին այս լուրին:

Եմէն

Թէ աշխարհի ժողովուրդներուն համար այս լուրը որքա՛ն կարեւորութիւն պէտք է ունենայ, կամ արդեօք պէ՞տք է կարեւոր իրադարձութիւն նկատուի, մեզ չի հետաքրքրեր: Մեզ կը հետաքրքրէ ու կը մտատանջէ այլ զարգացում մը, որուն ոչ իսկ մէկ վայրկեան կը տրամադրեն աշխարհի տարածքին յարգանք ու վարկ, հաւաստիութիւն վայելող նոյն լրատու աղբիւրները. Սէուտական Արաբիոյ հարաւային սահմանէն անդին` կայ «մոռցուած» Եմէն մը, ուր մահը իր «թագաւորութիւնը» հաստատած է աւելի քան 3 տարիէ ի վեր, ամէն օր հարիւրաւոր կեանքեր կը հնձէ, մանուկներ, պարզ քաղաքացիներ զոհ կ՛երթան ռմբակոծումներու, աւելի քան կէս միլիոն հոգի քոլերայի զոհ կրնայ երթալ կարճ ժամանակի մէջ, ամբողջ քաղաքներ կործանած են: Այս բոլորը կը կատարուին հիմնականին մէջ սէուտական օդանաւերու եւ հրետանիին միջոցով, Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական երկիրներու ուղղակի քաջալերանքով եւ զինական |ներդրումով\: Եւ… ոչ իսկ բառ մը:

***

Փորթօ Ռիքօ

Փորթօ Ռիքոն ամերիկեան կիսանահանգ մըն է. 19-րդ դարու վերջերէն ի վեր Միացեալ Նահանգներու կցուած կղզի է, քաղաքացիները  ՕՐԷՆՔՈՎ զրկուած են որոշ իրաւունքներէ: Վերջին տարիներուն կղզի-կիսանահանգը տնտեսական սուր տագնապի մատնուած է, հասած է սնանկութեան եզրին: Պատճառներուն գլխաւորը անբարեխիղճ դրամատիրութիւնն է եւ… մասամբ նորին: Կղզին վերջին քանի մը շաբաթներուն իրարու ետեւէ հարուածներ ստացաւ ահաւոր մրրիկներէ, մեծ մասամբ կործանեցաւ, ապրուստի պայմանները դարձան անհասանելի պերճանք: Վնասները կը գնահատուին բազմամիլիառ տոլարներով… Դաշնակցային կառավարութիւնը «ոտքերը կը քաշքշէ» օգնութեան փութալու, իսկ հանճարե՜ղ նախագահը կը պարծենայ, որ նպաստամատոյց սպասարկութիւնները իրենց լաւագոյնը կ՛ընեն եւ գնահատանքի կ՛արժանանան: Ինք հազիւ երեքշաբթի, 3 հոկտեմբերին ժամանակ պիտի ունենայ Փորթօ Ռիքօ այցելելու, որովհետեւ… չ՛ուզեր արգելք ըլլալ օժանդակութեան աշխատանքին. իսկ երբ երեսին կը տրուի օժանդակութեանց ուշացումը, կը դառնայ աշխարհագրութեան դասախօս – գիւտարար. «Գիտէ՞ք` Փորթօ Ռիքոն կղզի է, Անտլանտեան ովկիանոսին մէջ կը գտնուի. այդ ովկիանոսը մեծ է, կղզին հեռու է, չի նմանիր Թեքսասին կամ Ֆլորիտային, ուր կարելի է արագ օգնութիւն հասցնել»: Ա՜խ,  ի՜նչ տխմար են քննադատները, որոնք այսքան պարզ բան մը չեն կրնար տեսնել, աշխարհագրութիւն ըսուածին մասին գաղափար չունի՜ն: Մեր ուղտերը ինչպէ՞ս կտրեն ովկիանոսը, լողալ ալ չեն գիտեր խեղճերը…

***

Միանմար

Ասիոյ հարաւարեւելեան ծայրամասին կայ Միանմար անունով երկիր մը, պատմութեան մէջ աւելի ծանօթ` Պուրմա անունով: Տասնամեակներ շարունակ այս երկիրը աշխարհի ուշադրութեան առարկան էր երկու գլխաւոր պատճառով. առաջին` 1962-ին, երբ զինուորականները պետական հարուածով մը իշխանութեան հասեր էին եւ` բռնատիրութիւն հաստատեր. երկորդ` անոնց դէմ ի խնդիր ժողովրդավարութեան երկարաշունչ պայքար մղեց երիտասարդուհի մը` Աունկ Սան Սիւ Քի, նոր օրերու Պուրմայի «հայրը» նկատուող Աունկ Սանի դուստրը, որ երկար ատեն ներքին ու արտաքին աքսորականի վիճակ վայելեց, իր պայքարը յաղթանակով աւարտեց 2011-ին, զինուորական իշխանութիւնը պաշտօնապէս լուծարքի ենթարկուեցաւ, եւ այժմ  Սու Քի կը գրաւէ երկրին ամէնէն բարձր պաշտօնը, համազօր` վարչապետի: Արդարօրէն շահած է խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակ: Յետոյ… Միանմարը հիմա տարբեր պատճառներով աշխարհի ուշադրութիւնը կը գրաւէ. երկրին հարաւարեւմտեան շրջանին մէջ կան իսլամական ցեղեր, ծանօթ` ռոհինճա անունով: Անոնք ենթակայ դարձած են բռնագաղթի. բազմաթիւ գիւղեր ու աւաններ հրոյ ճարակ դարձած են, ջարդեր տեղի կ՛ունենան, ու ամբաստանութեան մատները կ՛ուղղուին զինուորականներուն, կ՛ըսուի, թէ անոնք կը մնան երկրին իրողական վարիչները: Դրացի Պանկլատէշ ապաստանողներուն թիւը օրէ օր կ՛աւլելնայ, կը մօտենայ կէս միլիոնի: Մարդկային ողբերգութեան մը ամէնէն գունագեղ արտայայտութիւնները կ՛արձանագրուին: Միանմարի իշխանութիւնները չեն ընդունիր, որ խտրական մօտեցումով ջարդ-բռնագաղթ տեղի կ՛ունենայ, Նոպէլեան մրցանակաւոր ղեկավարուհին կ՛ըսէ, թէ ինք լուր չունի, որ նման դէպքեր պատահած են, այսինքն լրագրողներու ոսպնեակներուն ցուցադրածները կրնան յերիւրածոյ ըլլալ, ու կը խոստանայ կանխամիջոցներու դիմել…

Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան աշխարհի աչքերուն առջեւ, հիմա, երբ լուրերը թռչունէն շատ արագ, լոյսի արագութեամբ կրնան ճամբորդել, ՄԱԿ-ը իր տարեկան նստաշրջանը կը գումարէ, եւ քուլիսներու մէջ հազար ու մէկ տեսակի սակարկութիւն տեղի կ՛ունենայ, մեծ մասամբ` նիւթական շահի հետամտութեամբ, ո՞վ որո՞ւ որքա՞ն զէնք պիտի ծախէ-ի տրամաբանութեամբ:

Կեցցե՛ն մարդկային իրաւուքները, կեցցէ՛ ժողովրդավարութիւնը:

Նոպէլեան մրցանակի դատակազմը կը քննարկէ նոր տեսակի մրցանակ մը հաստատել… շահամոլներուն եւ մարդկային ողբերգութիւններ սարքողներուն ու անտեսողներուն համար:

27 սեպտեմբեր

Բաց Նամակ

$
0
0

Սփիւռքահայ Երեք Յարանուանութեանց, Երեք Կուսակցութիւններուն, Բարեգործական-Բարեսիրական Կազմակերպութիւններուն, Հայրենակցական Եւ Մշակութային Միութիւններուն

Յարգարժա՛ն հայրենակիցներ,

Ստորագրեալս աւելի քան 35 տարիներու բանասէր-մանկավարժ-դասախօս եղած եմ, տարած եմ գրական-հրատարակչական, ազգային-հասարակական բեղուն աշխատանք` սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ:

Ինծի համար (եւ, ինչո՞ւ չէ, շատ քիչ հայերու համար), լուրջ խնդիր է սփիւռքի հայապահպանման դժուար հարցը:

Նախ մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք մեր նախնիներուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք 1920-ականներէն մինչեւ 1980-ականները տասնեակներով ամէնօրեայ հայկական դպրոցներ հիմնեցին տարբեր երկիրներու մէջ:

Բայց վերջին աւելի քան երեսուն տարիներու պատկերը այլ է: Եւ անշուշտ, երբ անկեղծօրէն խօսինք, պիտի ըսենք, որ սփիւռքի մէջ հայապահպանումը մեծապէս ձախողած է, պատճառները շատ են:

Արդարեւ, 2000 թուականին սփիւռքի հայկական ամէնօրեայ դպրոցներ կը յաճախէին 5-4,5 առ հարիւր, իսկ այսօր 2,5 առ հարիւր միայն սփիւռքահայ աշակերտութեան:

Պատուարժա՛ն պատասխանատուներ, մեր վիճակը շա՜տ, շա՜տ, շա՛տ ծանր է:

Օրինակ մը տալու համար ըսենք, որ Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ կ՛ապրին 90 հազար հայեր: Այդ քաղաքի հայ աշակերտներու 50 առ հարիւրին համար պէտք է բացուի 10 նոր դպրոց, նիւթական արժէք` մօտ 200 միլիոն տոլար:

Այսինքն այլեւս ժամանակավրէպ է անջատ-անջատ աշխատելաձեւը, մենք պէտք է ունենանք ազգային հաւաքական գիտակցութիւն, որպէսզի կարենանք յաղթահարել սփիւռքի կրթական հսկայ մարտահրաւէրները:

Ուրեմն կ՛առաջարկենք շուտափոյթ ստեղծել, սփիւռքի տարածքին համար, «Հայկական միասնական հիմնադրամ»: Նշեալ հիմնադրամը պիտի նպատակադրէ`

Ա.- Վտանգուած հայկական ամէնօրեայ դպրոցները փակուելէ փրկել,

Բ.- Յաջորդող տարիներուն, հիմնադրամի պիւճտէն երբ կը հզօրանայ, նոր դպրոցներ բանալ,

Գ.- Այս հիմնադրամը անձեռնմխելի պիտի մնայ, անկախ հիմունքներով պիտի ծառայէ բոլորին անխտիր:

Անկեղծօրէն ըսենք, որ սփիւռքի տարածքին վերջին 45 տարիներու ընթացքին փակուած է 207 դպրոց (չհաշուած` Սուրիոյ վերջին պատերազմին փակուածները):

Հետեւաբար եւ ամենայն լրջութեամբ կ՛ըսենք, որ եթէ յաջորդող քանի մը տարիներուն չստեղծուի հզօր հիմնադրամ մը, մենք յաջորդ տասնամեակին պիտի փակենք բազմաթիւ հայկական այլ դպրոցներ:

Մեր մատղաշ սերունդը կարիքն ունի ազգային հայեցի դաստիարակութեան: Այսօր հարիւր հազարաւոր հայ երիտասարդներ այլասերած են, քանի որ չեն ստացած հայեցի կրթութիւն:

Ըմբռնած ենք եւ գիտենք, որ սփիւռքի 8 միլիոն հայութեան նոյնիսկ 5 առ հարիւրը Հայաստան պիտի չվերադառնայ յաջորդ քանի մը տարիներուն… պատճառները բոլորդ գիտէք: Դեռ աւելին., Հայաստանը` մեր բոլորին սիրելի մայր հայրենիքը, իր բազում խնդիրներով չի կրնար սփիւռքի կրթական համակարգին համար նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել: Ուրեմն սփիւռքի հայկական գոյատեւումը մեծապէս պահանջն ունի վերոնշեալ հիմնադրամին:

Իրատեսութիւն, փոխզիջում, փոխըմբռնում:

Ազգային բարձր գիտակցութեամբ մօտենանք այս յոյժ կարեւոր աշխատանքին:

Միասնաբար կրնանք իրագործել: Օ՛ն առաջ:

Յարգանքներով`
ՅՈՎՍԷՓ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Լոս Անճելըս, Սթուտիօ Սիթի, 20 օգոստոս 2017

 

«Դա Իմը Չէր…»

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Հայաստան-սփիւռք վեցերորդ համաժողովի աշխատանքները աւարտելէ ետք ուզեցի դարձեալ այցելել Հայաստանի պատմական որոշ վայրեր: Տեսած էի Գառնին, Գեղարդը եւ Խոր Վիրապը, բայց բնականաբար արժէր նորէն տեսնել զանոնք: Վերջապէս, չէ՞ որ իմն է, մերն է, Հայաստանն է: Եւ նորէն այցելելն ու տեսնելը կ՛աւելցնէ ջերմութիւնը եւ հպարտութիւնը հայուն` իր քաղաքակրթութեան նկատմամբ, ինչ որ անհրաժեշտ գրաւական է ապրելու եւ երբեք` ձանձրացուցիչ:

Ջիւանը մեր վարորդն է: Միջին տարիքի հայաստանցի հայը, որ կ՛ապրի Երեւան: Ան իր ու ընտանիքին ապրուստը կը հոգայ զբօսաշրջիկներ պտտցնելով Հայաստանի տարբեր վայրեր: Կը հանդիպի բազմաթիւ մարդոց` հայ թէ օտար, եւ այս իմաստով վարժուած է ըլլալ համբերող: «Մարդիկ տարբեր բնաւորութեան տէր են,- կ՛ըսէ Ջիւան,- պէտք է համբերել: Կ՛ըլլան պարագաներ, երբ մարդիկ կ՛ուզեն անցընել իրենց այցելութիւնները քիչ մը սանձարձակ, առանց հաշուի առնելու սահմանուած ժամը: Մեր երկիրն է, որ ցոյց կու տամ, եւ անոր համար արժէ ամէն համբերութիւն»:

Ջիւանը միշտ չէ, որ կը զրուցէր, հաւանաբար` նկատի առնելով այցելուն եւ յարգելով անոր տրամադրութիւնները: Բայց ան ունի իր պատմութիւնը, եւ ես ուզեցի իմանալ ատիկա:

Ջիւան ամուսնացած է եւ ունի երկու դուստր: Հայաստանի մէջ ընտանիքին ապրուստ ճարելը եղած է դժուար, ուստի ընտանիքը տարած է Ռուսիա` աշխատելու եւ  անոնց ապահովելու բարօր կեանք: Իսկ աշխատանքային վայրը եղած է Ռուսիոյ հարաւային մասին մէկ շատ հեռաւոր շրջանը: Ռուսիոյ մէջ է, որ ան բախտաւորուած է իր երկրորդ զաւակով: «Հագուստի գործ կ՛ընէի»,- Ջիւանն է խօսողը: Եկամուտը լաւ էր: Երեւի ինք, ընտանիքը եւ պարագաները բոլորը միասին ձեռնարկած էին այս աշխատանքին: Բայց այս բարւօք վիճակը երեւի չէր գոհացներ Ջիւանը: Ան ունէր տխրութիւն մը իր սրտին ու հոգիին մէջ: Ռուսիոյ շնորհած կեանքին ու ընտանեկան ապահովութեան մէջ կար պակասաւոր իրականութիւն մը, որ Ջիւանը դարձուցած էր տխուր…:

«Դա իմը չէր», ըսան Ջիւան: Եթէ կար նիւթական ապահովութիւնը, որուն միջոցով կ՛ապրեցնէր իր ընտանիքը, բայց նաեւ առկայ էր տխրութիւնը, երբ կը զգար, թէ այդ ամբողջ ունեցածը «իրը չէր», իր երկիրը ու հողը չէին… Այս կացութեան մէջ կը զգար նաեւ, որ «իրենինին» մէջ ապրիլը տարբեր էր եւ ամբողջական: Ուստի Ջիւանն ու իր ընտանիքը վերադարձած են Երեւան:

Բայց ուզեցի իմանալ Ջիւանին ներկայ կեանքին մասին: «Իսկ հիմա ինչպէ՞ս է կեանքդ Հայաստանի մէջ», հարցուցի:

Ջիւան անկեղծ էր: Ան յստակացուց, որ Հայաստանի մէջ իր եկամուտը աւելի նուազ էր, քան ինչ որ կը վաստկէր Ռուսիոյ մէջ: Բայց ան հաշտուած էր այս իրականութեան հետ: «Քիչ լինի, թող Հայաստանի` իմինին մէջ լինի», ըսաւ ան` միշտ պահելով իր գոհունակ ժպիտը, որուն մէջ կրնայիր տեսնել իր հաշտ ու համոզուած հոգին: Հոգին, ուր նաեւ կ՛արտացոլար ուրախութիւնը «իրենինին» մէջ ըլլալու եւ ապրելու գիտակցութեան:

Հայաստան-սփիւռք վեցերորդ համաժողովը լաւ կազմակերպուած էր, եւ  օրակարգի վրայ շատ էին համահայկական մեր հիմնահարցերը` Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքեան տեսադաշտերու մէջէն: Եւ երեք օրերու վրայ երկարած համաժողովը դարձաւ «հեւք» մը իւրաքանչիւր մասնակից հայու համար, միասնաբար ապրեցանք մեր շատ մը հիմնախնդիրները` Հայաստանի զարգացման եւ  պաշտպանութեան քաղաքականութեան առանձնայատկութիւնները, արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ եւ հայապահպանումի մարտահրաւէրներ: Բայց նաեւ անհրաժեշտ էր այդ բոլորը վեր առնել իբրեւ մէկ ամբողջութիւն ու իւրաքանչիւր ուղղութիւն տարանջատել իր տարբեր ոլորտներուն մէջէն, նաեւ` տեսադաշտերը քննարկել, լուծումներ առաջարկել ու անոնց իրականացման աշխատանքի ձեռնարկել:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը համաժողովի առաջին լիագումար նիստին ըրաւ համահայկական մեր կեանքին մէկ այժմէական ախտաճանաչումը: «Սփիւռքը կը մաշի եւ Հայաստանը կը պարպուի», ըսաւ վեհափառ տէրը: Անոր այս մատնանշումը սոսկ քննադատութեան համար չէր, այլ զգաստութեան կոչ էր` ուղղուած բոլոր հայերուն, համաժողովին մասնակից կամ ոչ: Եւ անհրաժեշտութիւնը` հայուն համար ըլլալ զգուշ եւ արթուն տիրող համընդհանուր մթնոլորտին ու պայմաններուն, սփիւռքեան թէ հայրենի իրականութիւններու մէջէն հաւասարապէս, ու` անոնց համար:

Համաժողովի փակման լիագումար նիստին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշեց նաեւ մէկ կարեւոր մարտահրաւէր: «Ժողովը այսօր չվերջացաւ, այլ նոր սկսաւ», ըսան ան: Իսկ «նոր սկսիլը» գործին հաւատալու եւ անոր կառչելու անհրաժեշտութիւնն է: Նախարարին գործունէութիւնը` տարիներու վրայ երկարած, ցոյց կու տար, թէ ան աշխատասէր ղեկավարն է, որ կը հաւատայ հայու կեանքի շարունակականութեան անհրաժեշտութեան, իսկ այդ գրաւականին համար ան միշտ պատրաստ է հայուն այս կեանքին համար «դրական ուժ» սրսկել:  Ուժը, որ հայուն համահայկական կեանքերուն պիտի տայ նոր սլացքներ կերտելու տեսլականը: Եւ այս տեսլականներով կեանքեր կերտելու զգաստութեան համար էր, որ Հ. Յակոբեան ժողովը չաւարտեց, այլ  տուաւ անոր «նոր սկիզբ…»:

Բայց այս երկու «զգաստութիւններուն» միջեւ կարծէք կար զիրար կապող նախաձեռնութիւն: Եւ այդ Ծիծեռնակաբերդ տրուած այցելութիւնն էր եւ նոր ծառ մը տնկելու իրականութիւնը: Եթէ պահ մը «յիշեցինք» անցեալը եւ մեր նահատակները, բայց նաեւ «պահանջեցինք» նորը: Եւ նորը եղաւ մեր հաւաքական ու միասնական «աշխատանքով», ուր մէկ կողմէ կային հայուն միտքերն ու գրիչները, բայց նաեւ` բահերն ու բրիչները… Պարզապէս` հաւաքական գործը, երբ բոլորս միասին նոր ծառ մը եւս աւելցուցինք հայրենի հողին մէջ: Եւ այս նորին մէջէն եւ նոյնինքն հայրենի հողին կապուելով է, որ հայը պիտի շարունակէ ապրիլ:

Ու` դարձեալ Ջիւանը: Ան այսօր կը հաւատայ «իր» հողին` իմա՛ Հայստանին պատկանելիութեան: Եթէ ան կ՛ապրի «քիչով», բայց կ՛ապրի գոհունակ եւ վճռական, որովհետեւ որոշած է «չմաշիլ» եւ «չպարպուիլ»…

Եւ ասիկա այսօրուան հայուն գլխաւոր հրամայականն է` թէ անհրաժեշտ է պահել «իմը»` «մերը», հայրենիքը` իմա՛ հայն ու հայուն ինքնութիւնը եւ անոր համահայկական կեանքը:

Եւ հայուն այս ամբողջական կեանքը կը պահուի գործով: Հոն, ուր «նորը» անընդհատ կը սրսկուի, որպէսզի նոյնինքն այս հայուն կեանքը «չմաշի» եւ նաեւ կը շինուի, որպէսզի «չպարպուի»: Եւ հոն ու այդպէս է, որ կ՛ապահովուի հայուն կեանքին շարունակականութիւնը:

«Դա իմը չէր…»: Քանի հայուն փնտռածը` «իմը», նոյնինքն իր հայուն շարունակական կեանքն է:

Եթէ Ջիւանին փնտռածը կեանքն է, բայց նաեւ` իմս եւ իւրաքանչիւր հայունը:

Կեանքը, որ եթէ նոյնիսկ հայը պիտի ապրի «քիչով», բայց պիտի ապրի գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ:

Եւ այս հայուն ամբողջական կեանքն է, զոր պիտի պահենք եւ շարունակենք:

 

 


2017 Սեպտեմբերի Հայաստան-Սփիւռք Համաժողով(ներ)էն Ետք

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Յոգնակի: Բացի բացման եւ փակման պաշտօնական ելոյթներէն` տարբեր սրահներու մէջ խօսուեցան Հայաստանը եւ սփիւռքը հետաքրքրող բազմատեսակ հարցեր` տնտեսութիւն (պիզնես), բանակ, հայապահպանում: Ինչպէս ոմանք կ’ընէին, մէկ սրահէ միւսը չերթեւեկեցի, երեք օր շարունակ մնացի «հայապահպանում» ընդհանուր բնութագրումին տակ հարցեր քննող սրահին մէջ:

Նախ պիտի ուզէի արտայայտուիլ «հայապահպանում» եզրին մասին: Ան իմաստ ունէր հայրենահանուած առաջին եւ երկրորդ սերունդին համար: Անոնք անմիջական (գրեթէ) վերադարձի սպասման սենեակին մէջ կը կարծէին ըլլալ եւ զանգուածային կերպով արձագանգեցին հայրենադարձութեան կոչին: Նոր երկիրներու նոր քաղաքացիներ չէին: Հայապահպանում եզրը այսօր իր նախկին իմաստը եւ բովանդակութիւնը չունի: Հայկական ծագումով մարդիկ տեղ մը պահ չեն դրուիր: Ինչո՞ւ դրուին եւ ի՞նչ ընելու համար:

«Հայապահպանում»-ը կը յուշէ սառած, քնացած, անշարժ վիճակ, որ հակառակն է յաջորդական պատշաճեցումներով, ընտրանքներով եւ ազդեցութիւններով յարաշարժ դրութեան: Հարկ էր մեկնիլ հայածնունդ մարդոց լինելութեան ընթացքի մէջ եղող ինքնութեան ըմբռնումներէն: «Հայապահպանում»-ը քլիշէ մըն է, զոր հարկ է փոխարինել գիտակցութեան, ինքնութեան եւ յանձնառութեան իմաստներով, որոնք կրնան այսօրուան եւ վաղուան պատկերացումը տալ: Այսինքն հրաժարելով սթաթիք ըմբռնումէ`, երթալ դէպի շարժուն եւ ընթացող ընտրանքը:

«Հայապահպանում» ըմբռնումը կը թելադրէ հետզհետէ կծկուող շրջանակի մէջ մնալ եւ գոհանալ մանրուքներով, ցուցադրականով, բաժակին մէջ մնացած կաթիլներով: Սթաթիք կացութիւն էր, երբ կը խօսուէր մեր ունեցած մշակութային հարստութիւններու մասին: Արդիական միջոցներու օգտագործման ներկայացումը հետաքրքրութիւն կը ստեղծէր, բայց նաեւ` անհանգստութիւն, երբ նկատի կ’առնուէր ճիգերու թիրախը, որ կը սահմանուէր միաւորներով, երբ միւս կողմէ կը խօսուի եօթը կամ տասը միլիոնի մասին: Վիրաւորական պիտի ըլլար յիշել ինքնագոհութեան գեղեցիկ համարուող ելոյթները, որոնք ոչ մէկ գլխու տակ կարելի է դասել:

«Հայապահպանում» գլխուն տակ նախատեսուած էր նաեւ ՄՇԱԿՈՅԹ-ը:

Խօսուեցաւ մշակութային հարստութիւններու մասին: Խօսուեցաւ գեղարուեստի մասին` որ կրնայ դիւրին միջազգայնանալ, բացուիլ աշխարհի վրայ:

Բայց չխօսուեցաւ գրականութեան մասին, չխօսուեցաւ հայ գրականութեան եւ հայ գիրքի մասին, հակառակ այդ ուղղութեամբ կատարուած բազմապատիկ յիշեցումներու: Եւ ինքզինքիս հարց տուի, որ «հաց-պանիրի հայերէնէն» տարբեր խորք եւ որակ ունեցող հայերէն գիր-գրականութիւնը, որ «ելեկտրոնային» խտացում չէ, հայու ինքնութեան կերտման մէջ դեր չունի՞ այլեւս:

Հայ մշակոյթը ինքնութեան պահպանման, ազգի հարազատութեան շարունակութեան եւ արմատներու անսեթեւեթ հաւատարմութեան կրողն է: Առաջին հերթին ան հայերէնով ժառանգուածն է: Առանց այս էականին` ի՞նչ կը պահէ հայապահպանումը, նոյնիսկ հող-հայրենիքը նկարագիր եւ տէր կը փոխէ: Մշակոյթի ծանուցումը եւ գովերգութիւնը շատախօսութիւն կ’ըլլան, երբ ան կը ներկայացուի որպէս թանգարանային իր, սնապարծութիւն, կենդանի չ’ըլլար, չ’իւրացուիր, սեփականացուած չ’ըլլար: Այլ խօսքով, հայ մշակոյթը, հայ գրականութիւնը, միջազգային հրապարակ բերուելէ առաջ, մեր կեանքին մաս պիտի կազմեն, անոնք սոսկ գիտութիւններ չեն, ինչպէս` ազթեքներու կամ մայաներու մշակոյթը եւ գրականութիւնը:

Մշակոյթը եւ գրականութիւնը հոգեկերտ են, շաբաթավերջի հանդիպումներու համեմ չեն: Անոնք մեր ինքնատիպ ԵՍ-ը եւ ՄԵՆՔ-ը կ’իմաստաւորեն, առանց անոնց ժամանակ մըն ալ դեռ կը շնչեն զգացումով եւ կամ ծագումով հայեր: Այսինքն, ինչ որ կը կոչենք քաղաքականութիւն, ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ, առանց հարազատ մշակութային արմատ ունեցող խորքի, կ’ըլլայ տնտեսական իրարանցում կամ պարզապէս շատախօսութիւն:

Օտարը կրնայ ծանօթ ըլլալ հայ մշակոյթին, գրականութեան, արուեստներուն, պատմութեան, երբեմն` մեծ մասնագիտութեամբ, բայց այդ ծանօթութիւնը գիտութիւն է իրեն համար, մինչ ժամանակի գիծին վրայ տոկալու եւ տեւելու համար հայը պիտի ըլլայ ինք իր մշակոյթը, պիտի ըլլայ անոր տէրը: Այդ տիրութիւնը կապկում չէ, ազգի կեանքն իսկ է: Այս ըմբռնումով ալ մշակոյթի մասին պէտք չէ խօսիլ զայն դիտելով դուրսէն, տեսաբանի պէս, անկէ պէտք է ստանալ ուժ եւ կորով, առանց թեթեւսոլիկութիւններով հաճոյանալու, առանց ֆրանսացիին, շուէտացիին, ռուսին, ամերիկացիին նմանելով` տպաւորելու մանր քաղքենիական յարդի բոցի հաճոյքին յանձնուելու:

Հայապահպանում ընդհանուր բնորոշման գլխուն տակ ոչ ոք խօսեցաւ` հիմնուելով տարրական վիճակագրական տուեալներու վրայ, աւելի դիւրութեամբ հասկնալու եւ հասկցուելու համար: Օրինակ, ախտաճանաչման համար այնքան կարեւոր էր գիտնալ հայ գիրքի ներկայի հրամցուցած պատկերը` հայերու յարկին տակ: Ո՞ր մշակութային ինքնապաշտպանութեան եւ լաւ հնչող հայապահպանման մասին կրնանք խօսիլ, երբ հայերէն գիրքը կը տպագրուի 400 օրինակով եւ նուէր կը տրուի: Դեռ երէկ, եւ այս տպաւորելու համար տրուած փաստարկ չէ, հայ ներհուն մտաւորական մը դար մը առաջ ապրած հայ արտակարգ բանաստեղծի մասին իր ուսումնասիրութիւնը տպագրած է 100 օրինակով… Բաղդատել` շեփորուող մեր տասը միլիոնին: Ճափոնցի ժամանակակից գրող Հարուքի Մարուքամայի նոր գիրքի առաջին տպագրութիւնը եղած է կէս միլիոնով եւ արդէն կը տպագրուի բազմաթիւ լեզուներով: Ճափոնցիները նուա՞զ կը զբաղին պիզնեսով, ինչպէ՞ս դուրս եկան Բ. Աշխարհամարտէն` հարուածուելէ ետք երկու հիւլէական ռումբերով:

Ազգային վերականգնումը եւ մշակութային կեանքը կը ծրագրուին, ծրագիրը կը գործադրուի: Այս աշխատանքը ոչ ոք մեր փոխարէն պիտի ընէ:

Երեք օրերու ընթացքին այս գոյութենական խնդիրները չքննուեցան: Լրագրական ներկայացումներ եղան, քարոզչական նկարահանումներ:

Որքա՜ն օգտակար գործ կատարած պիտի ըլային երեք օրուան նիստերը, բեմի վրայ իրարու յաջորդողները, եթէ յիշէին եւ յիշեցնէին Յակոբ Օշականի խօսքը, որ` մագաղաթը աւելի կ’ապրի,  քան մարմարը: Ոչ ոք ըսաւ, որ այսօր դեռ կանք, որովհետեւ Մատենադարանի 20.000 ձեռագիր հատորները կան: Հայերէն գիրով եւ գիրքով եկած յիշողութիւնը կայ: ԿԱ՞Յ…

Շռնդալից ժողովներուն այս հարցերը բեմ չեկան: Մի՞թէ անոնցմէ խորթացած ենք:

Այս գոյութենական, էական հարցով ինչո՞ւ պետական նեցուկով իսկական հաւատարմութեամբ մարմին մը կեանքի չկոչել, որպէսզի մշակոյթ եւ ինքնութիւն մանրուքի մէջ չկորսուին եւ գունաւոր պատկերներով շոուն(show) մեզ ոտքի չքնացնէ, սպասելով` չես գիտեր ո՛ր հրաշքը:

Հայ գրականութիւն եւ հայ գիրք բացակայեցան: Չէին հրաւիրուած: Իրենք զիրենք գտան հոգիներու փակ դռներուն առջեւ: Մինչդեռ պէտք էր խօսիլ հայերէն գիրքի տարածման, արժեւորման եւ հայ ժողովուրդի անդամներուն կողմէ անոր իւրացման մասին, Հայաստան եւ սփիւռքներ, որպէսզի Մատենադարանի քսան հազար ձեռագիր մատեաններուն իսկական ժառանգորդները մնանք եւ չօրօրուինք միայն զբօսաշրջիկի  հիացումով եւ լուսանկարելով:

Բայց սմարթֆոները հոն էին եւ անհաշիւ յիշատակի պատկերներ պահուեցան…  հայապահպանման պէս: Հայապահպանման անվաղորդայնութիւնը…

Ափսո՜ս…

26 սեպտեմբեր 2017, Երեւան

 

Սփիւռքի Հայկական Դիմագծի Պահպանման Գերխնդիրը Ու Դրա Կրթական Ոլորտի Մարտահրաւէրները

$
0
0

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Միջոցառումները Համակարգող Քանատայի Յանձնախմբի Նախագահ Մհեր Գարագաշեանի (Քանատա) Ելոյթը Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական 6-րդ Համաժողովի Ժամանակ

Սփիւռքի գոյառման հետ սկիզբ առած է նաեւ անոր հայեցի դիմագծի պահպանման խնդիրը: Այլասերող ու կլանող միջավայրերու մէջ՝ հայապահպանումի ճիգը այսօր ալ կը մնայ սփիւռքահայութեան գոյութենական մեծագոյն տագնապը:Այս տագնապի լուծման հիմնական բանալիներէն մին, եթէ ոչ՝ ամենահիմնականը՝ դեռեւս կը նկատուի հայ դպրոցը: Այս իմաստով, շատ բան ըսուած ու գրուած է, բազմապիսի ճառեր հնչած ու Մաշտոցեան ներբող հիւսուած: Իսկ ի՞նչ է գետնի վրայ տիրող իրականութիւնը այսօր: Մեր կրթական հաստատութիւնները բաւարա՞ր են դիմակայելու աշխարհացրիւ մեր համայնքներու հայապահպանման մարտահրաւէրները: Կարելի՞ է համադրել այս ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները եւ համահայկական ճիգով՝ որոնել լուծումներ:Կա՞ն արդեօք այլընտրանքային ուղիներ որոնք կ’ընձեռեն այս դարու մանկավարժական մօտեցումներն ու արհեստագիտական միջոցները՝ որոնք ի զօրու են փակելու Սփիւռքի կրթական բացերը: Այս եւ նման հարցերով է որ ճամբայ կ’ելլէ այս համառօտ զեկոյցը:

Ինչպէս նշեցինք, շատ մելան հոսած է հայ դպրոցի առաքելութեան մասին, հայապահպանման մէջ՝ հայ լեզուի ունեցած անփոխարինելի դերին մասին, շատ յաճախ ցաւսիրտ ու երբեմն ալ զգացական զեղումներով լի առաջարկութիւններ եղած: Մէկդի ձգելով այս գծով կրկնուած հնամաշ լոզունգներն ու թեւաւոր խօսքերը, պահ մը կանգ առնենք զուտ քանակական բնոյթի ազդակներու վրայ ու ատկէ մեկնած՝ լուծման կարկինը լայն բանանք: Այսինքն, փորձենք հասարակ յայտարարի մը բերել մեր բոլորը յուզող խնդիրները ու անոնց հեռանկարային լուծման ուրուագիծը կազմել համահայկական հարթակի վրայ: Եթէ իսկապէս լուրջ ենք հայ դպրոցի առանցքային դերակատարութեան մասիննմեր յայտարարութիւններուն մէջ, ապա ամէն բանէ առաջ սկսիլ է պէտքգետնի վրայ տիրող իրադրութենէն:Նման հակիրճ զեկոյցի մը սահմաններուն մէջ, փոխան երկարաշունչ վերլուծումներու, կը ձգենք որ իրողութիւնները իրե’նք խօսին եւ կը շարունակենք՝ վերոնշեալ հարցադրումներուն վրայ նորերը աւելցնելով : Խօսքը կը վերաբերի հետեւեալ հարցերուն-

1- Եթէ մեկնինք այն տուեալէն որ հայութեան երկու երրորդը կ’ապրի արտերկրի մէջ ու մօտաւոր թիւը կը կազմէ 7 միլիոն մարդ, ապա մտածելու ենք այդ թիւին մէջ մանկապարտէզէն երկրորդական վարժարանի բարձրագոյն կարգեր յաճախող հայ աշակերտութեան համեմատութեան մասին: Նշուած թիւի ստուգուած հիմքերը քիչ են թէեւ, բայց պահ մը ընդունինք զայն իբրեւ կարելի մեկնակէտ: Ընդգծենք նաեւ որ ըստ հետազօտական փորձառական մօտեցման՝ որեւէ հաւաքականութեան մը մանկապարտէզէն երկորդական յաճախող աշակերտութեան թիւը կը կազմէ անոր ընդհանուր թիւի մօտաւորապէս 16 առ հարիւրը: Այսինքն մենք տեսականօրէն գործ ունինք 1 միլիոնէ աւելի աշակերտի հետ:

Քանի՞ հայկական ամենօրեայ վարժարաններ կան այս թիւին դիմաց՝ նոր սերունդին մօտ հայեցիութիւնն ու հայ լեզուն կենդանի պահելու եւ ամրապնդելու:Այլապէս ասած, գաղութէ գաղութ՝ մեր աշակերտական զանգուածին ո՞ր տոկոսին կը հասնինք սպասարկելու:

2- Ամենօրեայ այդ վարժարաններէն քանի՞ն նախակրթարանի մակարդակով է, քանի՞ն միջնակարգ եւ քանի՞ն երկրորդական բարձրագոյն ուսման:
3- Տեսականէն անդին անցնելու համար, ի վերջոյ ի՞նչ է հայ աշակերտութեան ճշգրիտ թիւը, շրջան առ շրջան առանձնաբար եւ ապա՝ ընդհանուր:
4- Ի՞նչ է տուեալ շրջանի/երկրի կրթական պետական ծրագրի ազդեցութիւնը վարժարաններու հայկական ծրագրին վրայ:
5- Վարժարաններու շաբաթական ընդհանուր դասաժամերու գումարին բաղդատած՝ քանի՞ ժամը յատկացուած է հայկական նիւթերուն:
6- Քանի՞ միօրեայ վարժարաններ ունի Սփիւռքը: Անոնց աշակերտութեան ու դասաժամերու թիւերը ի՞նչ են՝ առանձնաբար թէ ընդհանուր:
7- Որո՞նք են միօրեայ վարժարաններու ծրագրիրներու բաղադրիչ նիւթերն ու առաջնահերթութիւնները: Բաւարա՞ր կը համարուին անոնք հայեցիութեան նուազագոյն հիմքը ստեղծելու:

Նմանօրինակ հարցադրումները կրնան շատ մասնագիտական թուիլ. սակայն անոնց պատասխաններու համագումարն է որ հիմք պէտք է ծառայէ մեր ընելիքներու ցանկին: Պատասխաններ՝ որոնք փաստագրուած են ու կոնկրետ, ինչպէս նաեւ՝ համահունչ են մեր դարու համահայկական պահանջներուն ու առաջադրանքներուն: Ցաւօք, բացի Լիբանանէն, ցարդ չեն կատարուած այս պատասխանները գոյացնող տուեալներու հաւաքն ու անհրաժեշտ հետազօտութիւնները: Հետեւաբար՝ գործի սկիզբը ծայր կ’առնէ այս կէտէն – նախ եւ առաջ՝ հաւաքագրել Սփիւռքի կրթական ոլորտի բոլոր տուեալներն ու թիւերը, այ’դ հիմքի վրայ ալ մշակելու մեր ընելիքներու պատկերացումը:

Ետդարձ մը կատարելով այս հարցադրումներէն առաջինին ու ամենէն հիմնականին՝ թէ քանի՞ կրթական օճախներ ունինք որոնք կը բաւարարեն մեր կարիքներն ու թարգմանը կը հանդիսանան հայպահպանման մեր հրամայականներուն, ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք ներկան արտացոլող քանի մը օրինակներ, որոնց թիւերը մեկնաբանութեան չեն կարօտիր:

– Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Ափի հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտներու թիւը, ըստ տեղական հայ մամուլի հրատարակած տուեալներուն, կը հասնի 6000-ի, ի դիմաց 50,000 այլ հայ աշակերտներու որոնք օտար կրթական հաստատութիւններու մէջ կ’ուսանին: Իսկ ամերիկահայութեան ընդհանուր թիւը կը գնահատուի շուրջ 1,500,000-ով, իսկ ափէ ափ ամենօրեայ դպրոցներու թիւը՝ 26-ն է միայն:

– Ֆրանսայութեան թիւը կը տարուբերի 400,000-էն 500,000-ի միջեւ: Հոն կը գործեն 7 ամենօրեայ վարժարաններ, որոնցմէ 5-ը նախակրթարան, մէկը միջնակարգ եւ միայն մէկ երկրորդական՝ որ Մարսէյի Համազգայինի ճեմարանն է: Փարիզ կը գտնուին անոնցմէ 4-ը, մէկական հատ ալ՝ Լիոն,Նիս եւ Մարսէյ: Հայ աշակերտութեան կը տրուի 60,000-ի համրանք, որոնցմէ շուրջ 1500-ը միայն կը յաճախէ հայկական վերոգրեալ վարժարանները:

– Ռուսաստանի եւ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու հայ համայնքները կը հասնին 3էն 4 միլիոնի, ծանրութեան կեդրոն ունենալով՝ Ռուսաստանը:
ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան տուեալներով, Ռուսիոյ (ՌԴ) տարածքին կը գործեն 200 միօրեայ (քիչ պարագաներու՝ երկօրեայ) կրթօճախներ, Ուքրանիա՝ 37, Ուզպեքիստան՝ 2, Ղազախստան՝ 9, Պելոռուսիա՝ 2, Մոլտովա՝ 1: Ամենօրեայ վարժարաններ գոյութիւն չունին: Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ ՌԴ հայութեան թիւը՝ 2.5 միլիոնով կը գնահատուի, Ուքրանիոյ՝ 450,000, Ուզպեքիստանի՝ 80,000, Ղազախստանի՝ 70,000, Պելոռուսիոյ՝ 30էն 36,000 եւ Մոլտովայի՝ 12,000:

– Պոլիս – Ըստ մեր ունեցած տուեալներուն, հոն կը գործեն 16 հայկական վարժարաններ (ոչ բոլորը երկրորդական կարգերով)՝ որոնք կը համախմբեն 3083 աշակերտներ: Պոսահայութեան մօտաւոր համրանքը կը տարուբերի՝ 60.000էն 70,000-ի միջեւ:

Մեր տուած օրինակները ամբողջական չեն: Սակայն այս թիւերն ու համեմատութիւնները, նմուշներու փորձարկման (sampling) առումով՝ բաւականին բան կ’ըսեն Սփիւռքի կրթական համակարգերու կարողականութեան եւ արդիւնքներուն մասին: Յստակ է որ այս կրթօճախներու ցանցը՝ կրնայ սպասարկել 7 միլիոնանոց բազմաճիւղ ու բազմաբնոյթ Սփիւռքի համայնքներու ուսանողութեան մէկ կոտորակին միայն: Իսկ մնացեալ ջախջախիչ մեծամասնութիւնը՞…

Այս տուեալներով, լաւագոյն պարագային կրնանք միայն պատկերացնել հայախօս ու հայեցի դիմագծով կորիզներու կազմութիւնը՝ մէկ գաղութէն միւսը: Նոյնիսկ եթէ մակարդի դեր ալ կատարեն անոնք, իրենց շուրջ որոշ տեւողութեամբ կրնան ծիրել մասնաժամ հայերու արբանեակ օղակներ, որոնցմէ դուրս, ուշ կամ կանուխ՝ մօտեցող ամայքն է:

Այս մատնանշումները բնա’ւ չեն միտիր յետ-եղեռնեան ու յետ-խորհրդային Սփիւռքի ստեղծած կրթական կառոյցներու դերը նսեմացնել: Անցնող հարիւրամեակի ընթացքին միայն՝ թափուած է վիթխարի ճիգ, մեծ զոհողութեանց գնով հիմնուած են կրթական օճախներ, որոնց տուած արդիւնքը ինքնի’ն՝ հայախօս ու հայաշունչ ովասիսներն են Սփիւռքի մէջ: Կարճ ասած՝ ցարդ կտրուած ճանապարհի իրագործումները ակնյայտ են: Կը մնայ այժմ քայլ առնել դէպի յաջորդ հանգրուանը: Ա’յն՝ որ կ’առնենք համընդհանուր լարումով: Այ’ն որ կ’առնենք պետական ծրագրումով, կեանքի կոչելով ազգային անվտանգութեան հայեցակարգին մէջ ընդգրկուած հայապահպանութեան յատուկ ուղենիշները: Վերջապէս, տեսլականի մը հետամուտ ու հեռանկարային ա’յն քայլը՝ որ համահունչ է 21րդ դարու կշռոյթին ու խարսխուած է անոր ընձեռած արհեստագիտական ամենաառաջատար միջոցներուն վրայ:

Այս խորապատկերի վրայ ալ՝ հոս ներկայացուած առաջարկը՝ մէկ է – Պարզաբանենք ու եզրակացնենք:

Անցնող երեք տասնամեակներուն, կրթական ոլորտի զարգացումներու ծիրին մէջ՝ ականատեսը եղանք արագընթաց փոխակերպման մը՝ որ մինչեւ օրս իր արձագանգը կը տարածէ աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ: Ելեկտրոնիկ արհեստագիտութեան դասարան մուտքով՝ ուսումնական մարզի բոլոր շերտերուն, բայց մանաւանդ մանկապատանեկան տարիքի շերտին համար՝ բացուեցաւ նոր դարագլուխ: Այս անկիւնադարձը կը շարունակէ ընդլայնել իր ազդեցութեան գօտին ու թափանցել աւանդական դպրոցի մեթոտներուն մէջ: Ոչ հեռաւոր ապագային՝ փոփոխութեան այս ալիքը պիտի դառնայ համատարած նորմը, բնականոն ընթացի’կը: Տուն-դպրոց տարածութիւնը, դասարաններու պատերը, մանկավարժական կարծրատիպերը՝ բոլո’րը պիտի անհետանան՝ տեղ տալու համար ելետրոնիկ- վիրտուալ կրթութեան:

Ասկէ մեկնած՝ եթէ ծանր ու թեթեւ ընենք Սփիւռքի կրթական կարիքները գոհացնող զանազան լուծումներու տարբերակները, հայկական վիրտուալ վարժարանի մը կամ վարժարաններու ստեղծումի պատեհութիւնը ամենամեծ կարելիութիւնը կը ներկայացնէ հասանելի ըլլալու ամենուրե’ք: Այս հարթութեան վրայ գործող դպրոցները կամ դպրոցը՝ ուսումնարան պէտք է ըլլան բառի’ն ամենաբովանդա’կ առումով: Այսինքն՝ կարկտաններ ու կիսամիջոցներ հրամցնող նախաձեռնութիւններ ըլլալէ հեռու պէտք է ըլլան: Քարեղէն վարժարաններու կարգերուն նման՝ հայեցի ծրագիրը պէտք է սկսին մանկապարտէզէն ու անոր հետեւող աշակերտը հասցնեն մինչեւ երկրորդականի աւարտական դասարան: Այս ո’չ միայն պիտի զանցէ աշխարհագրական սահմանները եւ սահմանափակումները, այլեւ լուծման բանալին կրնայ դառնալ վերը մատնանշուած սփիւռքեան դպրոցներու անբաւարարութեան կամ չգոյութեան խնդրին: Նման նախաձեռնութիւն մը կրնայ ոմանց մեծածախս ու անիրականանալի թուիլ, սակայն բոլոր այլընտրանքներէն ամենէն իրագործելին ու յարաբերաբար ամենէն խնայողականը՝ այ’ս մէկն է ու անգամ մը որ իր հունը գտնէ՝ մատչելի կ’ըլլայ բիւրաւոր աշակերտներու: Հրամայական է սակայն որ այսպիսի յեղափոխի’չ ծրագիր մը կանգնած ըլլայ մանկավարժական եւ լեզուագիտական բազմակողմանի ուսումնասիրութեան մը վրայ: Մէկ խօսքով՝ մէջտեղ բերուի մասնագիտական եւ ոչ թէ սիրողական ճիգերով:

Ելեկտրոնիկ կամ համացանցային ոլորտին յենած կրթական համակարգի մը նախափորձերն ու հումքը արդէն կան – Արեւելահայերէնով կամ արեւմտահայերէնով (օր.- dasatu.ru, Apple-ի “Learn Armenian” ծրագիր, «Նայիրի» բառարան, Կիւլպէնկեան հիմնարկի «Արեւիկ» եռամակարդակ ծրագիրը, Համազգայինի «Լալան ու Արան» app-ը եւլն): Այս ձեռնարկութիւններէն կարելի է նոյնիսկ առանձնացնել ՀԲԸՄի “Armenian Virtual College”ի կայքէջը՝ իբրեւ նախատիպ վիրտուալ կրթարանի մը:

Այս բոլորը ճիշտ ուղղութեամբ առնուած քայլերու նուազագոյնն են սակայն ու ամբողջականօրէն չեն գոհացներ Սփիւռքի հրատապ կարիքները: Այս իմաստով, կարելի է ըսել որ բաւականին լայն է մեզ ու մեր ժամանակներուն յարի’ր հայեցի կրթութեան համակարգի մը միջեւ գտնուող վիհը:

Մեզի կը մնայ անյապաղ անցնիլ մե’ր անկիւնադարձային փոփոխութեան փուլին եւ ստեղծել այն բոլոր մանկավարժական ուղիներն ու միջոցները, որոնք համապարփակօրէն կը պատասխանեն Սփիւռքի հայեցի կրթութեան ժամանակակից պահանջքներուն ու գոյատեւման մարտահրաւէրներուն: Աշխարհի տարածութիւնները կրճատող համացանցային արհեստագիտութիւնը՝ նոյնը կրճատումը ըրած է նաեւ հայկական Սփիւռքի հեռաւորութիւններուն համար: Նոյ’նն ու աւելին կրնայ ընել նաեւ հայեցի դաստիարակութեան յօրանջող վիհին համար ալ, փոքրացնելով բաժանման բացը, մօտեցնելով նորարար լուծումներու ծայրամասը:

Ժամանակն է առնելու քայլը եւ կատարելու այս արմատական ոստումը՝ հիմը դնելու համար հայկական թուայնացած կրթական ծրագրին ու վիրտուալ վարժարանին:
-Կրկնութեան գնով ըսենք՝ որ նոյնինքն այս հարցադրումները կը կարօտին մանրազնին հետազօտական աշխատանքի, որպէսզի կարելի դառնայ չափորոշել ուսումնական կոնկրետ մեր կարելիութիւնները եւ այդ հիմամբ՝ մեր ընելիքը ճշտել:

 

Ակնարկ Սեւ Ցուցակի Բաղադրութիւնը Շեշտակի Կ՛երանգաւորուի

$
0
0

Օտարերկրացի դէմքերու Արցախ այցելութիւններէն  մինչ այժմ ամէնէն հզօր հարուածը Պաքուին` Թուրքիոյ քաղաքացի մտաւորականներու ներկայութիւնն էր Ստեփանակերտ:

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով Արցախ այցելած գրող Սայիթ Չեթինօղլուի, քաղաքական գործիչ Ուֆուք Ուրասի, լրագրողներ Ալի Պայրամօղլուի եւ Էրոլ Քաթըրճըօղլուի քայլը «դաւաճանութիւն է ո՛չ միայն եղբայրական Ազրպէյճանի, այլեւ Թուրքիոյ նկատմամբ»: Նման յայտարարութիւն կատարած է Ազրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւոր Այտըն Հուսէյնով:

Հուսէյնով ցանկութիւն յայտնած է, որ թուրք մտաւորականները արտայանձնեն Պաքուին. «Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը եղբայրական պետութիւններ են: Վստահ եմ` շուտով անոնք կ՛արտայանձնուին»:

Այս մտածողութիւնը  կը խօսի այն մասին, որ խորհրդարանական մակարդակով արդէն խնդրոյ առարկայ կը դառնան թուրք-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները: Թէ` «վստահ եմ շուտով կ՛արտայանձնուին Ազրպէյճանին» յայտարարութիւնը եւ անոր յաջորդած միտքը, թէ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը եղբայրական պետութիւններ են, կը նշանակէ, որ  արտայանձնումը չիրականանալու պարագային կրնան վտանգուիլ Անգարայի եւ Պաքուի յարաբերութիւնները:

Մինչ այժմ պաշտօնական Անգարայի կողմէ որեւէ համարժէք արձագանգ չկայ. Թուրքիոյ Ազգայնական շարժումի կուսակցութեան երեսփոխաններէն Աթիլլա Քայանը եւս դատապարտած է  թուրք մտաւորականներու այցելութիւնը Արցախ եւ զանոնք անուանած ծպտեալ հայեր: Ըստ անոր, անոնք դաւաճանած են Թուրքիոյ` Արցախի մէջ կատարելով հայամէտ յայտարարութիւններ, որոնք կ՛աջակցին  «Ազրպէյճանի 20 տոկոսը գրաւած Հայաստանին»: Եթէ մանրադիտակով  քննենք այս մէջբերումը, կ՛եզրակացնենք, որ այցելութիւնը պարզապէս դատապարտելի է, մինչ դաւաճանութիւնը այնտեղ յայտարարութիւն կատարելն է:

Պաշտօնական առումով Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազութիւնը «Ազրպէյճանի պետական սահմանը անօրինական կերպով հատելու» մեղադրանքով հետաքննութեան սկսած է  22 սեպտեմբերին ճանաչողական նպատակով Արցախ այցելած 4 թուրք հասարակական-քաղաքական եւ մշակութային գործիչներու նկատմամբ: Ի հարկէ Ազրպէյճանի դատախազութիւնը չէր կրնար ինքնուրոյն շարժիլ. այս քայլը բնականաբար թելադրուած է վերեւներէն, ուղղակի Ալիեւ ընտանիքէն:  Ատոր համար ալ տակաւին  նոյն մակարդակով արձագանգ չէ հնչած գործընկեր Անգարայէն:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Հիքմեթ Հաճիեւ յայտնած է , որ «ասիկա որոշ թուրք քաղաքացիներու անձնական սադրիչ գործողութիւնն էր` Թուրքիոյ հայկական լոպիին հովանաւորութեամբ, եւ անոնք բոլորը արդէն մտած են արտաքին գործոց նախարարութեան «սեւ ցուցակ»-ին մէջ: Իսկ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն  յայտնած են, որ թուրք քաղաքացիներու Արցախ այցելութեան կապակցութեամբ արդէն քննութիւնը սկսած է:

Թէ՛ ընդհանուր դատախազութեան եւ թէ՛ արտաքին գործոց նախարարութեան մակարդակներով ուրեմն թրքական հարթութեան վրայ համարժէք արձագանգներ չեն հնչած:

Այս իրադարձութիւնները կ՛արձանագրուին ուղիղ Լափշինի նկատմամբ շնորհուած ներումէն ետք: Ինչ որ նաեւ կը խօսի այն փաստին մասին, որ արտայանձնումները, հետախուզում յայտարարելը, նոյնիսկ իբրեւ պատժամիջոց կալանքը իրենց ազդեցութիւնը չեն կրնար ունենալ Արցախ այցելութիւններու հոսքին վրայ: «Սեւ ցուցակ»-ի իմաստազրկումը հեղինակազրկումն է Պաքուին:

Այս նախադէպը կրնայ դուռ բանալ Թուրքիոյ այլ քաղաքացիներու այցելութիւններուն: Թուրքիոյ համապատասխան մարմինները նեղ ընտրութիւն կատարելու առջեւ կանգնած են` իրենց քաղաքացիները արտայանձնելու առումով:

Չէ  բացառուած, որ այցելութիւններու բաղադրութիւնը որոշակի փոփոխութեան ենթարկուի եւ Արցախ յայտնուին նաեւ Ազրպէյճանի քաղաքացիներ: «Սեւ ցուցակ»-ը արդէն ներառած է թուրքերը: Գուցէ ներառէ նաեւ ազրպէյճանցիներ:

 «Ա.»

Կարօ Փայլան Երեւոյթը

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Հայաստան-սփիւռք 6-րդ խորհրդաժողովի գլխաւոր երեւոյթներէն մէկը Կարօ Փայլանի ներկայութիւնն էր: Անկախ անոր հանգամանքէն, անոր ներկայութիւնը զանազան առիթներով ոգեւորութիւն եւ ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեց:

Բոլորս ալ քաջ գիտենք անոր խիզախ եւ անկաշկանդ վերաբերմունքը: Բոլորս ալ յուզուած ենք թրքական խորհրդարանին մէջ անոր հետ տեղի ունեցած վերաբերմունքէն: Սակայն խորհրդաժողովի ընթացքին, այս ոգեւորութեան եւ ուրախ մթնոլորտին կողքին, կային նաեւ ըսողներ, որ ի վերջոյ ան Թուրքիոյ պետական գործիչ է: Երկու արտայայտութիւններն ալ զուտ զգացական եւ ծայրայեղ  արտայայտութիւններ ըլլալով հանդերձ, որոշ հանրային կարծիք մը կը ձեւաւորեն:

Այսինքն, առաջին հերթին պէտք չէ մոռնալ, որ Կարօ Փայլանը Թուրքիոյ քաղաքացի է: Հակառակ անոր որ ընդդիմադիր խմբակին կը պատկանի, բայց այսօր բոլորս ալ գիտենք, որ Թուրքիոյ պետական շահերը եւ ժողովրդավարութեան կիրարկումը ինչ հասկացողութեամբ կը կատարուի: Փայլան եւ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կացութեան կռիւը հիմնականին մէջ յանուն ժողովրդավարութեան է, ազգերու, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար է:

Ճիշդ չէ այս կացութեան մէջ մեծ ակնկալութիւններ ունենալ Կարօ Փայլանէն: Ճիշդ է սակայն, որ Կարօ Փայլանը Հայաստանի եւ սփիւռքի զօրակցութեամբ անձեռնմխելի մնայ եւ պատուհան մը դառնայ Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմադիր խմբակցութիւններու հետ յարաբերութիւններու դուռ բանալու եւ հեռանկարային ծրագիրներու վրայ աշխատանքներ տանելու:

Այսօր քաղաքականութիւնը ո՛չ զգացական` սիրելու կամ  կասկածելու ճիգով կը քալէ, ո՛չ ալ զուտ գործնապաշտ սկզբունքներով:

Ընդհակառա՛կը, շահեկանը եւ հեռանկարայինը տեսնելը անհրաժեշտ է:

Կարօ Փայլան երեւոյթին հետ պէտք է յատուկ ուշադրութեամբ եւ նուրբ ձեւով վարուիլ: Կարօ Փայլանի էութիւնը եւ քաղաքական եւ քաղաքացիական պատկանելիութիւնը լաւապէս պէտք է հասկնանք, որպէսզի ո՛չ յուսախաբ ըլլանք, ո՛չ ալ երազներ հիւսենք:

 

 

Տպաւորութիւններ` ԼԵՄ-ի «Արդար Հայրենիք, Հզօր Հայաստան» Բանակումէն

$
0
0

ՑՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ

«Հայաստան երթալ կ՛ուզեմ ,
Արարատ տեսնել կ՛ուզեմ,
Արարատի լանջերուն,
Բանակում ընել կ՛ուզեմ»:

Արարատի լանջերուն չէր մեր բանակումը, այլ` Արագածի: Բիւրականի բանակավայրին մէջ ԼԵՄ-ը իր առաջին բանակումը ունեցաւ Հայաստանի մէջ: ՀԵՄ-էն խումբով մը միացանք անոնց:

Նախքան բանակումը, երբ կը խօսէի ԼԵՄ-ական ընկերներուս հետ, կը զգայի անոնց խանդավառութիւնը եւ պահ մը կը վերյիշէի, որ պատանեկան տարիներուս Սուրիոյ մէջ մեր բանակումներուն ինչպիսի մեծ ոգեւորութեամբ  ու մուրազ ուզելու պէս լիահագագ  բացագանչութեամբ  կը կրկնէինք  վերեւ  նշած քառատող կանչը:

Հայաստան բանակում ընելը զիս ալ խանդավառած էր, հակառակ անոր որ Երեւան կը բնակէի չորս տարիէ ի վեր: Պէտք է ըսեմ, որ հայրենիքի մէջ ապրիլը երբեք չի նուազեցներ անոր դիւթական հմայքը  եւ հմայիչ էութիւնը:

Հարկ է շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնել ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ բոլոր մարմիններուն ու ընկերներուն, որոնք այս բանակումը իրականութիւն դարձուցին: Հիմնաքարը դրուեցաւ այսպիսի նախաձեռնութիւններու, որոնք, վստահ եմ, շարունակական պիտի ըլլան եւ օրինակ պիտի ծառայեն Դաշնակցութեան երիտասարդական բոլոր միութիւններուն:

Դաստիարակչական առումով, մեր դասախօս ընկերները բաւականաչափ տեղեկութիւն տուին մեզի Հայաստանի ներկայ քաղաքական, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մասին:  Այս դասախօսութիւններուն միջոցով մասնակից ընկերները մասամբ պատկերացուցին Հայաստանի ներկայ իրավիճակը, դիմագրաւած  դժուարութիւնները եւ զանոնք լուծելու ուղղութեամբ առնուող քայլերը:

Բանակումի  վեց  օրերուն բանակողները  ապրեցան Դաշնակցութեան  դաւանած վսեմ գաղափարներուն ոգեշնչող մթնոլորտի մէջ` ընկերասիրութեամբ յագեցած, ջինջ ու բիւրեղ  ազնուութեամբ, ամրապնդեցին իրենց մէջ ընկերվարութեան արդար սկզբունքները: (Երանի՜ թէ այդ մթնոլորտը եւ ապրելակերպը տիրական ըլլան մեր առօրեայ կեանքերուն մէջ ալ):

Բանակումին ամէնէն  ուշագրաւ եւ գնահատելի երեւոյթներէն էր ընկերներուն կեցուածքը, որ   յատկանշուեցաւ  գիտակից ու օրինակելի կարգապահութեամբ: Դաշնակցական երիտասարդի տիպարը մնաց տիրական եւ գեղեցիկ:

Եղան նաեւ պատիժներ, որոնք բանակումը յարդարող եւ գունաւորող դեր ունեցան:

Անմոռանալի էր զարգացման մրցումը, որուն ստեղծած մթնոլորտը եւ մրցակցութեան ալիքը բարձրացուցին մեր տրամադրութիւնները:

Խորհրդաւոր պահերը անպակաս էին,  նոյնպէս` ընկերականութիւնը, որ ջերմացուց մեր սրտերը:  Իսկ խրախճանքնե՜րը` անմոռանալի, աստղազարդ գիշերներուն, խարոյկի շուրջ բոլորուած, ուս ուսի տուած, խորախորհուրդ  յեղափոխական երգեցողութեամբ` հայրենի լեռները թնդացնող, մեր յեղափոխութեան էջերը եւ մեր անձնուէր ազատամարտիկներուն  սխրագործութիւնը փառաբանող:

Հայրենի մեր հիասքանչ բնութեան գրկին մէջ,  ըմբոշխնելով անոր հրապոյրը, լուսաշող երկինքին տակ, երդուեցինք  մեր սուրբ գործը շարունակել:

Բոլորը սպասումի մէջ էին: Արարատը տակաւին քողարկուած էր մառախուղով  մինչեւ վերջին օրը, երբ փակման դրօշակի արարողութենէն ետք միասնաբար երգեցինք «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ» երգը, մեր աչքերը յառած անոր` մեր ազգային ինքնութեան խորհրդանիշին, որ գեղեցիկ էր Աստղիկի առասպելական գեղեցկութեան նման:

Հիմա համոզուած եմ, որ մեր փառահեղ անցեալի աստուածները, որ Արարատի ձիւներուն մէջ կ՛ապրի՛ն տակաւին, փշաթելերէն անդին մնալով հանդերձ, շատ լաւ գիտեն, որ հայկականութիւնը եւ պատմութենէն մեզի հասած ուժը յաւերժ են եւ յաղթական: Մեր պայքարը անվերջ է:

Բանակումի մասնակիցներս  նման էինք իրարու` հաւաքական հարցերու հանդէպ մեր  նոյնատեսակ մտածելակերպով: Կ՛ուզէի բանակումի  փորձառութիւնս բաժնեկցիլ, սակայն որո՞ւ հետ: Երբ բանակումի վերջին օրերուն այդ հարցադրումիս պատասխանը գտայ, բնաւ չզարմացայ: Անոնք Երկրի մեր ընկերներն էին: Այո՛, ԵՐԿՐԻ: Այո՛, կարօտը կար ընկերներու, որոնք շունչը ունէին ներկայ Վանին, Մուշին, Սասունին, Էրզրումին, Կարսին:

Երկրի ընկերները պէտք էր տեսնէին մեր ոգին: Զգային մեր գոյութիւնը,  ծանօթանային  մեր գաղափարներուն եւ ընկերանային մեզի, յեղափոխականացնէինք զանոնք, մեր պատմութեան հետ հաղորդակից դարձնէինք: Այդ երիտասարդութիւնը, որ կ՛ապրի ներկայ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին, մեր ամբողջական Հայաստանի երաշխիքն է: Առանց անոնց` լոկ պատրանք է մեր Երազը:

Դաշնակցական երիտասարդը հայ երիտասարդութեան առաջնորդն է` իր գաղափարախօսութեամբ, իր ազգային մտածողութեամբ եւ մարդկային բարձր արժանիքներու ընկալումով: Հետեւաբար պէտք է  ստանձնէ հայ երիտասարդութեան համախմբումը: Եւ բնականաբար Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ ապրող եւ իրենց հայկական ինքնութիւնը ընդունող երիտասարդները անբաժան մասն են հայ երիտասարդութեան:

Վստահ եմ, որ մեր ԼԵՄ-ական ընկերները ներշնչուած, նոր ուժ եւ կազդոյր ամբարած, իրենց ուխտը վերանորոգած եւ առաւել պատասխանատու վերադարձան Լիբանան` անմոռանալի յիշատակներով լեցուն տասը ջերմ օրեր անցուցած, նոր ընկերներու  ծանօթացած եւ  հոգեպէս Հայաստանին քիչ մը աւելի մօտեցած:

 

 

Անտեսումը Միասնութեան Չ՛առաջնորդեր (Ոչ Ալ` Ծաղրանքն Ու «Շօ»-ն)

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Մեր խօսքը կը վերաբերի Հայաստան-սփիւռք վերջին խորհրդաժողովին ու այդ առթիւ ստեղծուած կարգ մը երեւոյթներու:

Սկզբունքով նման համախմբումներ միայն դրական լիցքեր կրնան ստեղծել, կամ` պէ՛տք է ստեղծեն: Երբ նոյն ազգին պատկանող տարաբնոյթ հոսանքներու, մտածողութիւններու եւ ասպարէզներու մարդիկ քով-քովի կու գան` հասարակաց օրակարգերով:

Երբ առաջադրուածը համախմբում, կամ միասնութիւն ստեղծել է, առնուած գործնական քայլերը եւս պէտք է յենին նոյն այդ տրամաբանութեան վրայ:

Խօսինք ցայտուն օրինակով մը: Բացման նիստին, որուն կրցաւ հետեւիլ այս յօդուածագիրը ուղիղ կապով (համացանցը եւ համակարգիչը ողջ մնան…), բեմին վրայ էին ու պաշտօնական խօսքեր ըսին Հայաստանի ու Արցախի նախագահները, ինչպէս նաեւ… երկու կաթողիկոսները:

Եթէ հոգեւոր պետերուն խօսք պիտի տրուէր, այդ պարագային ինչո՞ւ բեմին վրայ չէին ու խօսքի առիթ չտրուեցաւ հայ միւս երկու յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերուն. այսինքն Հայ աւետարանական եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու առաջին դէմքերուն: Անոնք եւս ըսելիք չունէի՞ն: Այս երկու յարանուանութիւններն ալ հայութեան բաղկացուցիչ տարրերէն են` իրենց քանի մը դարեայ ճոխ կենսագրութեամբ` հոգեւոր, ընկերային ու մշակութային ֊ կրթական բնագաւառներէ ներս:

Ո՛չ ըմբռնելի, ո՛չ ալ ներելի էր իրենց բացակայութիւնը այս պարագային. եւ թող յստակ ըլլայ, որ մեր այս խօսքը կ’ուղղուի համագումարի կազմակերպիչներուն: Ճիշդ չէ համախմբելու անուան տակ կազմակերպուած խորհրդաժողովէն դուրս պահել նշեալ երկու յարանուանութիւնները: Հակասութիւն կայ հոս կազմակերպիչներու լոզունգներուն եւ գործին միջեւ:

Սա` մէկ երեւոյթ:

Գանք երկրորդին: Խորհրդաժողովին կապակցութեամբ կատարուած պաշտօնական լրատւութիւնը (կամ քարոզչութիւնը) «շօ» մը կազմակերպելու տպաւորութիւնը կը ձգէր: Օրինակ` աննախընթաց մեծ թիւով երկիրներէ հրաւիրեալներ, ու ապա` մեծ թիւեր. սկիզբը 3000 հոգիի մասին խօսուեցաւ, վերջը անշուշտ` չէ՛,  այդքան չէ, 1500 հոգի եւ այլն:

Փոխադարձ վստահութիւն ստեղծելու եւ ամրապնդելու կոչուած քայլերը չեն կրնար աժան քարոզչամիջոցի վերածուիլ, պարոնա՛յք: Լրջութեան պակաս մը կայ հոս:

Խօսի՞նք վստահութեան մասին: Խօսի՛նք:

Երբ հայրենի իշխանութիւնները իրենց վարած ներքին ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան մէջ կ’առաջնորդուին ազատական գաղափարախօսութեամբ, երբ օրէնքի գերիշխանութեան համահունչ չէ եղած անցնող տարիներու իրենց վարքագիծը, շատ բնական է, որ թերահաւատութիւնը սկսի տիրական դառնալ:

Մեր երկրի օրինապահ մարմինները ամէն քայլափոխի հպարտօրէն կը հաղորդեն, որ «յայտնաբերած են» այսքան տարիէ ի վեր հետապնդուող այսինչ կամ այնինչ քրէական յանցագործը` սովորական գրպանահատներ, դրացիին կինը, կամ խանութ մը դաշոյնի սպառնալիքով կողոպտած հասարակ գողեր:

Սակայն կը սպասենք օրինապահ մարմիններու այն լրատւութեան, որով մեզի հաղորդեն, որ յայտնաբերած են Պռօշեանի գիւղապետը օր ցերեկով (առաւօտեան ժամը 9-ին) սպաննած ոճրագործը, կամ` արարքը հրահանգողը: Պռօշեանը ո՛չ Փեքին է, ո՛չ Թոքիօ, ո՛չ ալ Նիւ Եորք, ուր յանցագործը կարենայ անհետանալ տասնեակ միլիոն մարդոց մէջ:

Կը սպասենք այն օրուան, երբ մեր երկրի իշխանութիւնները քաղաքական կամքը ունենան եւ գործնական քայլեր առնեն երկրի տնտեսութիւնը խեղդող մենաշնորհեալներուն նկատմամբ: Ամէն պատճառ ունինք համոզուելու, որ այս ուղղութեամբ վարչապետ Կարէն Կարապետեանին առած քայլերը (որքան ալ` ողջունելի եւ դրական) կիսամիջոցներ են պարզապէս, որովհետեւ արմատական բնոյթ չունին: Որովհետեւ այդ քայլերուն թիրախը մենաշնորհներու համակարգը չէ: Կ’ըմբռնենք նաեւ այն, որ նման արմատական քայլեր գրիչի հարուածով չեն առնուիր: Հայաստանը ունի իր իւրայատկութիւնները, որոնք համապատասխան մօտեցում կը պահանջեն: Սակայն, միաժամանակ, նոյն այդ նրբութիւններուն անծանօթ չեն մեր երկրի ուժի խաղաքարտերը իրենց ձեռքերուն մէջ ունեցողները:

Աւելորդ է ըսել, որ այս երկու ուղղութիւններով որդեգրուելիք քաղաքականութիւնը մեծապէս կ’առողջացնէ երկրի ներքին հոգեբանական մթնոլորտը ու առաջքը կ’առնէ արտագաղթին. առնուազն մեծ չափով առաջքը կ’առնէ ատոր տուն տուող պատճառներուն:

Հասանք երրորդին (ու մեր յօդուածը կը փակենք չորրորդով):

Խորհրդաժողովին մասին կատարուած պաշտօնական ուռճացուած քարոզչութիւնը դուռ բացաւ անխուսափելի հակազդեցութեան, նոյնքան հասարակ տեղիք` «է՛, այս ժողովին արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ որ, մինչեւ հիմա եղածները ի՞նչ արդիւնք տուեր են, որ ասի ալ արդիւնք տայ»:

Ցանկապատին երկու կողմերն ալ կը մոռնային, որ քանի մը հարիւր հոգինոց համագումարները չեն կրնար անկիւնադարձային որոշումներ տալ, որովհետեւ` Ա) Այդ չէ նպատակը: Բ) Մասնակիցները բնականաբար չունին որոշումներ կայացնելու լիազօրութիւններ: Գ) Սխալ է նման ակնկալութիւններ առաջ քաշելը:

Նման խորհրդաժողովներու նպատակը, ինչպէս ըսուեցաւ վերը, դրական մթնոլորտ ու միջավայր ստեղծելն է, ոչ թէ` այդ ուղղութեամբ պարզապէս տպաւորութիւններ ստեղծելը: Յստակօրէն ըսենք` այս դրական մթնոլորտին կրնան նպաստել միայն ու միայն այն ելոյթները, որոնք առանց ամբոխավարական «փոփիւլիզմ»-ի, առանց «պէտք է ասանկ ըլլայ, պէտք է անանկ ըլլայ» աշակերտական մտայնութեան, կրնան լուծումի ուղիներ մատնանշել, առնուազն` վարքագծային մակարդակի վրայ: Այլապէս, ո՞վ չի գիտեր, որ արտագաղթը չարիք է Հայաստանի համար, ո՞վ չի գիտեր, որ «Սփիւռքը կը մաշի» (թէեւ հոն ալ հարց ունիմ. այդ մասին` ուրիշ առիթով), ո՞վ չի գիտեր,  որ ներդրումները անհրաժեշտ են:

Պակսողը սակայն, ինչպէս ըսինք, այդ պաշտօնական բեմէն լուծումներու պատկերացումն ու ատոնց նկատմամբ ցուցաբերուելիք կամքն էր:

Հասանք չորրորդին (կարճ կապենք):

Այս խորհրդաժողովէն առաջ, ատոր ընթացքին ու ատկէ ետք, ընկերային ցանցերու եւ մամուլին մէջ չպակսեցան հեգնական, ծաղրական ու յաճախ ալ ներքին անըմբռնելի մաղձով լեցուն արտայայտութիւններ: Քննադատութիւնը օգտակար է, երբ «քննելով» «դատել» կայ խնդրին մէջ: Բայց մեր խօսքը քննական ֊ քննադատական մօտեցումներուն մասին չէ, այլ, ինչպէս ըսինք, ծաղրանքին: Նման արտայայտութիւններու տէրերը մէկանգամընդմիշտ մոռցած են, որ ծաղրանքը չի նպաստեր լուծումներու փնտռտուքին. հեգնանքը եւ թունոտ արտայայտութիւնները անպայման «քաջութեան» ցուցանիշ չեն, այլ պարզապէս, յօնքը շտկելու փոխարէն, աչքը կը հանեն:

Այնպէս որ, անտեղի «շօ»-երը, աժան քարոզչութիւնը, միասնութեան անուան տակ նոր բաժանարար գիծեր ստեղծելը, ինչպէս նաեւ ծաղրանքն ու «սինիզմ»-ը ոչ մէկ ձեւով կը նպաստեն մեր հարցերու լուծումին:

Միւս կողմէ, տրամաբանուած, կշռադատուած մօտեցումներն են, որոնք կրնան լուսաւորել ճամբան, ուղի ցոյց տալ եւ լուծումներու առաջնորդել: Կարդացէ՛ք այս խորհրդաժողովի նիստերուն ընթացքին դաշնակցական քաղաքական, մշակութային, կրթական կամ մամլոյ գործիչներուն ելոյթները եւ պիտի համոզուիք այս իրականութեան:

 

 

 

Հալէպի Ազգային «Քարէն Եփփէ» Ճեմարանի Հիմնադրութեան 70ամեակին Նուիրուած Պատմական Յուշ Մը

$
0
0

 

ՀՐԱՅՐ ԱՒԵՏԵԱՆ

Այս տարի Ճեմարանի հիմնադրութեան 70ամեակն է: Իբրեւ առաջին շրջանաւարտներէն մէկը, ինձմէ խնդրուեցաւ, որ այս մասին քանի մը տող գրեմ: Շատեր արդէն գրած են իրենց սահուն գրիչներով: Ուստի, իմ կարգիս որոշեցի գրել դրուագի մը մասին, որ մեծ անդրադարձ ունեցած էր կեանքիս վրայ:

1948ի դպրոցական վերամուտ էր: Ճեմարանը արդէն իր հիմնադրութենէն ի վեր տարի մը բոլորած էր եւ կը սկսէր իր երկրորդ ուսումնական տարեշրջանը՝ 8րդ դասարանով: Նախկին տարեշրջանը աննշան անցած էր, եւ այդ իսկ պատճառով ալ միայն 7 աշակերտներ դպրոց վերադարձած էին:

Այս վերամուտին, սակայն, երկու նորութիւններ ի յայտ եկած էին: Նախ Երանուհի Ջաղացպանեան՝ իբրեւ նոր աշակերտուհի մեզի կը միանար, երբ միւս կողմէ, տղոցմէ ոմանք կ՛ուզէին չվերադառնալ եւ ուրիշ վարժարան յաճախել կամ արհեստի մը մէջ նետուիլ: Այսպէս, ինքնաշարժի նորոգութիւն, «թոռնոճի» կամ ատաղձագործ: Իսկ երկրորդ նորութիւնը՝ պրն. Անդրանիկ Մելիքեանի Ճեմարանէն ներս «մաթեմաթիք»ի (թուաբանաութեան) իբրեւ այցելու ուսուցիչ պաշտօնի կոչուիլն էր:

Այցելու նոր ուսուցիչը քաղաքի ֆրանսական Լիսիէի հանրածանօթ դասատուներէն մէկն էր: Սքանչելի ուսուցիչ մըն էր՝ փորձառու, կարող եւ գործնական: Տակաւին մինչեւ օրս զինք բարի կը յիշեմ: Միւս կողմէ, այդ օրերուն Համաշխարհային Բ. պատերազմը արդէն վերջ գտած էր եւ մեր տղոցմէ մէկը, իբրեւ մեծ ապագայ ունեցող արհեստ կը գովաբանէր, ու նոյն ատեն բոլորիս կը թելադրէր ձայնասփիւռի նորուգութիւն սորվելու արհեստին նետուիլ: Ան նաեւ կը համոզէր, որ պատարազմէն ետք «ռատիօ»ն մեծ դեր պիտի ունենար մարդոց կեանքէն ներս, քաղաքական լուրերու կամ այլ երկիրներու մշակոյթներու ծանօթանալու ծիրէն ներս: Այդ երկիրներու շարքին ալ նաեւ Հայաստանը, որ միայն ձայնասփիւռի ճամբով մեզի կը ներկայանար: Այսպէս, հիմնուելով այս կէտերուն վրայ, ան նաեւ կը հաւաստիացնէր, թէ շուտով մեծ քանակութեամբ ձայնասփիւռներ պիտի վաճառուէին, եւ որոնց խանգարումի պարագային, նորոգութիւններու բաժինը պիտի դառնար փնտռուած արհեստ մը: Ինք արդէն առանց ժամանակ կորսնցնելու սկսած էր Ֆրանսայէն նամակագրութեամբ դասընթացքներու հետեւելու:

Իրապէս որ լաւատես էր, ու այս մէկը նաեւ ինծի ալ վարակած էր: Երկրորդ տարուան ուսումնական տարեվերջին, հօրս ըսի, որ կ՛ուզեմ «ռատիօ»ի գործին սկսիլ: Հազիւ դպրոցս վերջացած՝ հայրս զիս տարաւ քաղաքի լաւ թաղամասերէն մէկուն մէջ, շատ ծանօթ AGA նշանաւոր «ռա-տիօ»ներ նորոգող վարպետի մը խանութը, «Սանտուիչ Սերոբ»ի ճիշդ մօտի խանութը, իբրեւ «աշկերտ»: Խանութը մեծ էր եւ լեցուն մեծ ու փոքր այդ օրերու յայտնի ձայնասփիւռներով եւ անոնց կազմածներով: Խանութի ետեւի բաժինը, որ պատով մը բաժնուած էր, կը ծառայէր իբրեւ աշխատանոց եւ «հիւրանոց», իսկ անոր մէկ այլ բաժինը, որ վարագոյրով մը անջատուած էր՝ սուրճ եփելու տեղն էր: Հոս էր, որ հիւրերը սուրճով կը հիւրասիրուէին:

Առաջին օրն իսկ սկսայ գործի: Խանութը աւլել, մաքրել, այցելուներու եւ վարպետի օգնական «խալֆա»ին հետեւիլ: Այս վերջինը, որ բոլորին ծանօթ էր «ռատիօ» նորոգողի իր մասնագիտութեամբ, սակաւախօս էր ու բարի: Մեզի հետ գործածած բառերը շատ սահմանափակ էին: Իրեն հետեւելով, կամաց-կամաց շատնալու սկսան գիտելիքներս, որոնց հետ միատեղ երազանքս եւ ապագայի հեռանակարներս ալ կը բազմանային: Օրինակ՝ իր նման յաջող վարպետ մը դառնալ եւ անձնական խանութի տէր ըլլալ եւ այլն: Սակայն այս բոլորը երկար չտեւեցին: Օր մըն ալ իր պատկառելի հանգամանքով խանութ մտաւ Զարեհ սրբազանը (այդ օրերու մեր առաջնորդ սրբազան հայրը), որ անմիջապէս առաջնորդուեցաւ «հիւրերու» այդ սենեակը: Զիս տեսնելով զարմացած հարցուց.

– Հրա՛յր, հոս ի՞նչ կ՛ընես:

Հազիւ լսելի ձայնով, պատասխանեցի.

– Հոս կ’աշխատիմ:

Մեծ վարպետս զարմացած՝ հարցուց.

– Սրբազա՛ն, Հրայրը ուրկէ՞ կը ճանչնաք:

– Հրայրը մեր լաւագոյն աշակերտներէն է, եւ զինք պաքալորիայի պիտի պատրաստենք, ըսաւ սրբազանը հաստատ եւ համոզիչ:

Աւելցնեմ, որ սրբազանը Ճեմարանին մէջ մեզի գրաբար կը դասաւանդէր: Անմիջաապէս ուզեցի մտածումներս նժարի մէջ դնել: Սրբազան հայրը ազգային մեծ դէմքն մըն էր եւ ազգային իշխանութեան գլուխը: Իսկ վարպետս, որուն յաճախորդները արաբ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ էին, ազգէն բոլորվին տեղեակ չէր: Միտքէս հազար մէկ կասկածներ կ՛անցնէին: Ինչո՞ւ սրբազանը մեր խանութը պիտի գար: Ուղղակի հանելուկ: Սրբազանը վարպետիս հանդիպելէ ու սուրճը խմելէ ետք մեկնեցաւ: Վարպետս անմիջապէս ինծի ըսաւ, որ ճաշի երթամ եւ չուշանամ: Ես չկրցայ այս հանդիպումին հանելուկը լուծել:

Անկեղծօրէն ըսեմ նաեւ, որ այդ օրերուն ֆրանսական պաքալորիայի մասին շատ լսած էի: Գրեթէ ամէն օր: Դպրոցէն ներս թէ դուրս: Բայց ո՛չ մէկ ձեւով իմ վրայ ազդեցութիւն ձգած էր: Ճիշդ էր: Երկու տարի անցած էր դպրոցի կեանքէն բայց պաքալորիայի մասին ոչ մէկ շօշափելի «աշխատանք»:

Անհասանելի հեռանկար մըն էր կարծես: Բայց այս անգամ հրաւէրը կու գար սրբազան հօր կողմէ, որ բաւական կշիռք ունէր: Վերջ ի վերջոյ Ճեմարանի հիմնադիրներէն մէկն էր, որ նման բան մը կը յայտարարէր ու կը թելադրէր: Լուրջ տագնապի մատնուեցայ: Միտքիս մէջ երկուութիւն մը ծագած էր: Թէեւ պաքալորիայի պատրաստութեան բաժինը տակաւին յստակ ոչինչ ունէր, սակայն «ռատիօ»ի երազներս կարծես ցնդած էին:

Վերամուտը կը մօտենար ու ես պէտք էր որոշում մը կայացնէի. դպրոց թէ խանութ: Այդ երիտասարդ տարիքիս հոգեկան ծանր վիճակ մըն էր, զոր կ՛ապրէի: Որեւէ մէկուն հետ չէի ուզեր այս մասին խօսիլ, խորհուրդ առնել կամ տալ: Երկար մտածելէ ետք որոշեցի Ճեմարան վեդրադառնալ:

9րդ կարգ հասած էի: Զիս խրախուսողը այն եղաւ, որ Ճեմարանը այդ օրերուն արդէն բաւական լաւ վիճակի մէջ էր: Անուն, հանգամանք, գուրգուրանք եւ քաջալերանք: Եւ ահա 1949ի վերամուտը: Դպրոցին մէջ շատ նորութիւններ կային: Հալէպի ֆրանսական լիսէի համբաւաւոր ուսուցիչները մեզի իբրեւ այցելու դասատուներ նշանակուած էին: Հիմա այն, ինչը լիսէն ունէր, Ճեմարանն ալ ունէր:

Սրբազանին պաքալորիայի յատուկ պատրաստութեան արտայայտութիւնը ճիշդ էր եւ առողջ գետնի վրայ ծրագրուած: Ուստի, մեզի կը մնար լաւապէս աշխատիլ: Պէտք է շեշտել նաեւ, թէ այս բոլորը պրն. Ստեփան Ինճէեանի յանձնարարութեամբ էր, որ կատարուած էր: Պրն. Ինճէեան լաւ ֆրանսերէն գիտէր եւ իր այս առաքելութիւնը յաջողութեամբ պսակած էր հրաւիրելով քաղաքի լաւագոյն դասատուները: Ու այսպէս, 1953ին, Ճեմարանը տուաւ իր առաջին հունձքը: Սրբազան հօր «պաքալորիայի պիտի պատրաստենք» խօսքը իրականացած էր:

Իսկ այսօր, 70 տարիներ անցած են Ճեմարանի ծնունդէն: Իր բոլոր հիմնադիրներն ու գործօն դերեր ունեցող ազգայինները «մեկնած» են արդէն, սակայն բոլորն ալ իրենց հարազատ դրօշմը ձգած են: Անոնց երազին, հաւատքին, տեսիլքին եւ աշխատանքին ֆիզիքական յիշատակը այսօր հպարտօրէն կանգնած է Հալէպի մէջ, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան անունով, եւ տակաւին իր երթը կը շարունակէ:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

ՀՐԱՅՐ ԱՒԵՏԵԱՆ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի 1953ի՝ առաջին հունձքի, շրջանաւարտներէն է


Ինչպէ՞ս Ապրեցանք. «Յուշամատեան» Ծրագիրը

$
0
0

Թարգմանեց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱԹԷՈՍԵԱՆ

Հայագիտութիւնը եւ ընդհանրապէս հայութիւնը՝ աշխարհի քիչ մը ամէն կողմ, գլխաւորաբար կեդրոնացած են Մեծ Եղեռնի եւ յաջորդող տարիներու քաղաքական դէպքերուն վրայ: Սակայն, նախաեղեռնեան շրջանի Օսմանեան կայսրութեան հայոց կեանքը գրեթէ չէ պեղուած: Եթէ կորսուած անցեալ մը պիտի ողբանք, արդեօք պէտք չէ՞ ծանօթ ըլլանք կորսուածին: 2011ին հիմնուած «Յուշամատեան» ծրագիրը ուղղուած է իմացութեան ու յիշողութեան այս հսկայ բացը գոցելու:

«Յուշամատեան»ի ու իր կայքին նպատակն է Օսմանեան հայերու ամէնօրեայ կեանքի ու ընկերային միջավայրի բազմակողմանի վերակառուցումը: Յօդուածներու կողքին, կայքը կ՛օգտագործէ բազմաթիւ այլ միջոցներ, ինչպէս պատմական արժէքով երաժշտական ձայնագրութիւններ, բանաւոր պատմութիւններ, լուսանկարներ, ֆիլմեր, քարտէսներ, podcast-ներ եւ այլն: «Յուշամատեան»ը նաեւ հրատարակած է անգլերէն հատոր-ալպոմ մը՝ «Օսմանեան Հայեր. Կեանք, Մշակոյթ, Ընկերութիւն» անունով (Ottoman Armenians: Life, Culture, Society), որ ակադեմական յօդուածներ եւ հարիւրաւոր նկարներ կը պարունակէ:

Այս մասին դասախօսութիւն մը ներկայացուցին դոկտ. Էլքէ Հարթմանն ու դոկտ. Վահէ Թաշճեանը՝ «Յուշամատեան» ծրագիրի գլխաւոր հիմնադիրները: Դոկտ. Հարթման՝ աւագ գիտաշխատող Ludwig Maximilian University-ի մէջ (Միւնիխ), մասնագիտացած է արդի օսմանեան եւ հայոց պատմութեան մէջ: Դոկտ. Թաշճեան ներկայիս «Յուշամատեան» կայքի գլխաւոր խմբագիրն է: Ան հրատարակած է շարք մը ակադեմական յօդուածներ՝ Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանի հայութեան մասին: Դասախօսութիւնը կազմակերպած էր Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի տնօրէն դոկտ. Գրիգոր Մոսկոֆեան, իսկ ձեռնարկի ատենավարն էր Վազգէն Դաւիթեան՝ դոկտորական թեկնածու Birkbeck-ի մէջ (University of London):

Դոկտ. Էլքէ Հարթման նախ ընդգծեց, թէ ներկայիս կը պակսին հետազօտութիւնները հայոց կեանքին ու շրջանի այլ ժողովուրդներու հետ անոնց յարաբերութիւններուն մասին, ինչ որ ընդարձակ բաց մը ստեղծած է: Անառարկելի է հայոց դերը Օսմանեան կայսրութեան քաղաքական, տնտեսական ու մշակութային կեանքին մէջ: Հայալեզու աղբիւրներու տպաւորիչ հարստութիւնը ներկայիս անգործածական կը մնայ, թէեւ կրնայ լուսաբանել օսմանեան շրջանը Փոքր Ասիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: Դոկտ. Հարթման դիտել տուաւ, որ օսմանեան հայերու հանդէպ հետաքրքրութեան վերակենդանացումը դեր պիտի խաղայ իբրեւ ժխտողական պատմութեան պատասխան՝ Թուրքիոյ հանրապետութեան մէջ, քանի որ անիկա վէճ պիտի յարուցանէ ճակատագիրին մասին այն ժողովուրդներուն, որոնք անցեալին վիթխարի ազդեցութիւն ունեցած են շրջանին վրայ:

Դոկտ. Վահէ Թաշճեան, իր կարգին հաստատեց, թէ Եղեռնէն ետք գաղափարախօսական փոփոխութիւն մը տեղի ունեցած է հայ մտաւորական տարածքին մէջ: Հայոց պատմութիւնը յաճախ ուսումնասիրուած է ազգայնական ակնոցով, որ կը նպատակադրէ Ցեղասպանութեան չարիքները սրբագրել քաղաքական միջոցներով: Ասիկա մշուշոտած է նախաեղեռնեան հայ կեանքն ու մշակոյթը, յատկապէս հայերու եւ իրենց դրացիներու յարաբերութեանց վերաբերեալ: Այս գաղափարական շրջադարձը դէպի ազգայնականութիւն ազդած է հայ կեանքի բոլոր ոլորտներուն վրայ՝ քաղաքականութենէն սկսած մինչեւ գրականութիւն ու երաժշտութիւն, ինչպէս եւ հայկական ինքնութեան վրայ: Ընդհանուր առմամբ, կարելի է խօսիլ հայ կեանքի համահարթեցումին (homogenization) մասին, այսինքն՝ «զտարիւն», «օտար» ազդեցութիւններէ մաքրուած հայ ինքնութեան մը ձեւաւորումին:

Հայոց պատմութեան այս ազգայնական մեկնաբանութիւնը կեդրոնացած է հայ-թրքական կարծեցեալ «անխուսափելի» պայքարի մը վրայ՝ ընկերային եւ մշակութային կեանքի երբեմնի բոլոր համատեղ երեսակները դուրս ձգելով: Այսպիսով, ընկերային ու քաղաքական յարաբերութիւնները հայերու եւ այլ խմբաւորումներու միջեւ կոպիտ պարզեցումի ենթարկուած են: Դոկտ. Թաշճեան վերյիշեց իր դպրոցական տարիներուն փորձառութիւնը: Օսմանեան կայսրութեան հայոց պատմութիւնը քաղաքականացած ազգայնական տեսանկիւնէ մը ներկայացուած էր՝ սկսելով Պերլինի վեհաժողովէն, որուն խոստացած բարենորոգումները մերժուած էին, առաջնորդելով զինեալ պայքարի սկզբնաւորութեան: Այս կէտէն մեկնելով՝ աշակերտը կ՛անցնի համիտեան ջարդերէն, Մեծ Եղեռնէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հաստատումէն: Շեշտը յստակօրէն կը դրուի օսմանեան հայերու մութ տարիներուն եւ Հայ յեղափոխական շարժումի հերոսականութեան վրայ: Հայաստանի Հանրապետութեան ու Սփիւռքի մէջ, այսպիսով, հայ պատանիները միայն մաքրազտուած ու խիստ քաղաքականացած պատմութեան տարբերակով մը կը դաստիարակուին:

Սակայն, Եղեռնի վերապրողներուն կողմէ զարգացուած վկայագրութիւնը վերապատմած է անոնց կեանքը օսմանեան գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ: Վերապրողները գիտակից էին, որ իրենք հայոց յիշողութեան վերջին կրողներն էին, եւ նպատակ կը հետապնդէին անմահացնել իրենց գիւղերուն ու քաղաքներուն յիշատակը: Այս գրական շրջանը տեւած է 1920ական թուականներէն մինչեւ 1970-80ականները, երբ վերջին վերապրողները սկսած են անհետանալու: Դոկտ. Թաշճեան ցոյց տուաւ 300 գիրքերու ցուցակ մը՝ «Յուշամատեան»ի կայքջին վրայ, որ միայն հրատարակուած գիրքեր կ՛ընդգրկէ. իրենց հրապարակային բացայայտման սպասող գանձեր կան տակաւին անհատներու տուներուն մէջ: «Յուշամատեան»ը այս սկզբնաղբիւրները կ՛օգտագործէ՝ Անատոլիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներու պատմութիւնը վերականգնելու ու նկարագրելու համար:

Դոկտ. Հարթման ապա յիշեց «Յուշամատեան» ծրագիրին սկիզբը, երբ նիւթական աջակցութիւն կ՛որոնէին: Հիմնադիրները բախտաւորուեցան նման աջակցութեամբ՝ Հրեշտակեան եւ Գալայճեան ընտանիքներուն կողմէ, որոնք խանդավառուեցան ծրագիրի նպատակներով: Ասիկա «Յուշամատեան»ի խմբակին թոյլ տուաւ իր ժամանակը տրամադրել հիմնական հետազօտութեան, կազմակերպական կառոյցի պատրաստութեան եւ վերջապէս կայքի հիմնադրութեան: Աւելի ուշ, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը սկսաւ հովանաւորելու երկու ծրագիրներ, որոնք «Յուշամատեան»ի գործունէութեան մաս կը կազմեն. յօդուածներու թրքերէն թարգմանութիւնը եւ դպրոցներու հետ համագործակցութիւնը:

«Յուշամատեան»ի անձնակազմի անդամներն են լիաժամ պատմաբան մը՝ Վահէ Թաշճեան, եւ լիաժամ կայքի գծագրող-արուեստագէտ մը՝ Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան: «Յուշամատեան»ի մասնաժամ աշխատող է Շողեր Մարկոսեան, որ կը համակարգէ դպրոցներու հետ համագործակցութիւնը նաեւ պատասխանատու է կայքի յատուկ բաժինի մը՝ բաց թուային արխիւին:

Կայքը կը յատկանշուի ամբողջովին հայերէն իր բովանդակութեամբ, որուն մեծ մասը արեւմտահայերէն է, թէեւ արեւելահայերէն որոշ գրութիւններ ալ կան: Ասոր նպատակն է պահպանել արեւմտահայ մշակոյթը եւ հակադարձել Ցեղասպանութեան, որ փորձած էր մարել այս լեզուն ու անոր կրած մշակոյթը:

Ամբողջ բովանդակութիւնը նաեւ անգլերէնի եւ թրքերէնի կը թարգմանուի, ինչ որ ոչ-հայախօսներու առիթը կու տայ «Յուշամատեան»ի ներկայացուցած տեղեկութիւններուն ծանօթանալու: Աւելի՛ն. թրքերէն թարգմանութիւնները Թուրքիոյ ժողովուրդին կը բացայայտեն անոր բնակած հողերուն պատմութիւնը: Դոկտ. Հարթման յիշեց, թէ թրքախօս ընթերցողները, փաստօրէն, ամէնէն աւելի շահագրգռուած են «Յուշամատեան»ի աշխատանքով եւ ամէնէն աւելի աշխուժութիւն ցոյց տուած՝ կայքի բովանդակութեան իրենց հակազդեցութեամբ: Կայքը արժէքաւոր աղբիւր մըն է օսմանեան եւ հայկական պատմութեան սկզբնաղբիւրներ փնտռող ուսումնասիրողներու համար:

Կայքի բովանդակութիւնը բաժնուած է ըստ աշխարհագրական տեղադրութեան ու նիւթի: Աշխարհագրական վայրերը ցոյց կը տրուին Օսմանեան կայսրութեան վարչական քարտէսի մը վրայ: Այս իմաստով, մոռցուած հայկական վայրերու վերայայտնութիւնը Անատոլիոյ քարտէսներուն մէջ կարեւոր իրագործում մըն է: Մանրակրկիտ կերպով պատրաստուած քարտէսները ցոյց կու տան քաղաքներու նախագիծը եւ կը նկարագրեն փողոցներն ու շէնքերու տեսակները: Ա՛լ աւելի մանրամասնօրէն կը ներկայացուին հայկական գիւղերու տուները: Միւս կողմէ, հետազօտելի բազմաթիւ թեմաներ ու ենթաթեմաներ կան՝ խոհանոցէն մինչեւ երաժշտութիւն ու տնտեսութիւն: Իբրեւ օրինակ, դոկտ. Թաշճեան լսարանին ցոյց տուաւ Խարբերդի խոհանոցի մասին գրուած յօդուած մը:

Դոկտ. Թաշճեան ամփոփեց «Յուշամատեան»ի ծրագիրը՝ իբրեւ արհեստագիտութեան, պատմական հետազօտութեան եւ արուեստի միախառնում մը: Դասախօսութեան վերջին մասը նուիրուած էր արուեստին: Դոկտ. Հարթման ընդգծեց, որ «Յուշամատեան»ին նպատակը միայն պատմական տեղեկութիւններու ներկայացումը չէ, այլ՝ անցեալը կեանքի կոչել արուեստի միջոցով, Սիլվինա Տէր Մկրտչեանի կողմէ հետազօտուած ինքնութեան, կորուստի եւ երիտասարդացումի թեմաներով: Հագուստներու, գործիքներու, ասեղնագործութեան եւ ձեռագործներու բազմագոյն ներկայացումը տարբեր շրջաններու եւ քաղաքներու հայերու այլազանութեան գեղարուեստական վերակառուցում մըն է: Կայքի արուեստի աշխատանքին ընդհանուր թեման (ծրագիրի գոյապատճառը՝ անշուշտ) ընդունումն է, որ հաւաքուած յիշողութիւնները մաս կը կազմեն անցեալի մը, զոր երբեք կարելի չէ իսկապէս վերստեղծել: Կայքի արուեստի գործերէն շատերուն պարագային, այդ յիշողութեան ուրուանկարային ըլլալու գաղափարը տեսանելի է. ան կը ներկայացնէ յիշողութեան մշուշոտ շերտերը, որոնք վերստին կեանքի կը կոչուին, բայց՝ երբե՛ք իրենց բնատիպ ձեւով:

Ներկայացումին վերջաւորութիւնը նուիրուած էր այն ընտանիքներուն, որոնք «Յուշամատեան» ծրագիրին հայթայթած են իրենց նկարները, պատմութիւնները, գիրքերը, նամակները եւ իրենց նախնիներէն մնացած այլեւայլ նմոյշներ ու յիշատակներ: Այս գանձերը ծրագիրի անբաժանելի ու էական մասը եղած են: Կայքին մէկ մասը նուիրուած է այս ընտանեկան հաւաքածոներուն, որոնք կու գան Սփիւռքի ու Հայաստանի բոլոր կողմերէն:

Հարց ու պատասխանի բաժինին մէջ, լսարանէն անդամ մը վերապատմեց իր ճամբորդութիւնները Տիարպեքիրի մէջ, յատկապէս յիշելով, որ հանդիպած էր խանութի մը, ուր հարիւրաւոր սափորներու շարքին, սափոր մը «Էրմէնի քիլի» (հայկական կաւ) կոչուած էր ու բժշկական նպատակներով կը գործածուէր: Իրեն համար, հաճելի անակնկալ մըն էր, որ շրջանի մարդիկը որոշ ապրանքներ տակաւին կը կապէին աւելի քան դար մը առաջ վտարուած հայերուն հետ: Դոկտ. Հարթման վերահաստատեց, որ այս դրուագը եւ նման իրի մը յայտնագործումը կը կազմեն «Յուշամատեան» ծրագիրի էութիւնը, այսինքն՝ յայտնաբերել ո՛չ միայն կորսուած հայկական անցեալ մը, այլ անցեալ մը, որ հասարակաց է շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն եւ բաժնուած է ազգայնականութեան պատճառով:

Ժխտողականութեան գործընթացը, փաստօրէն, կը մերժէ այդ հողերու բոլոր ժողովուրդներուն եւ ո՛չ միայն հայերու պատմութիւնը: Հայկական ներկայութեան եւ շրջանի մշակութային, ընկերային ու տնտեսական կեանքին վրայ հայերու ունեցած ազդեցութեան ժխտումը նպաստած է Թուրքիոյ ներկայ ինքնութեան տագնապին:

Լսարանէն ուրիշ անդամ մը հետաքրքրուած էր «Յուշամատեան» ծրագիրի կրթական բաժինով, քանի որ անիկա կը ներկայացուի աշխարհասփիւռ հայկական դպրոցներու: Դոկտ. Թաշճեան դիտել տուաւ, թէ ծրագիրի ներկայացումին յաջողութիւնը գլխաւորաբար կապուած է ուսուցիչի շահագրգռուածութեան հետ: Մարսէյի ու Պոլսոյ դպրոցներուն մէջ ներկայացումները յաջողութեամբ անցած են, բայց նոյնը կարելի չէ ըսել Լիբանանի փորձառութեան մասին: Դոկտ. Թաշճեան լիբանանահայ աշակերտներուն հետաքրքրութիւնը արթնցնելու ձախողութիւնը չվերագրեց բացառաբար ծրագիրը ներկայացնող ուսուցիչի անկարողութեան ու հետաքրքրութեան պակասին, այլ՝ լիբանանահայ համայնքի ընդհանուր մտայնութեան: Գլխաւոր վիճելի կէտը այն է, որ Օսմանեան կայսրութեան հայերու պատմութեան ներկայացումը լիբանանահայ դպրոցներուն մէջ տիրող պատումին հակասող տարրեր կը պարունակէ: Այսուհանդերձ, «Յուշամատեան» նախագիծին ներկայացումները պիտի շարունակուին այլ համայնքներու մէջ: Այս տարի, անիկա պիտի երթայ Յունաստան, եւ յոյս կայ, որ յառաջիկայ տարի ծրագիրը ներկայացուի նաեւ Միացեալ Նահանգներու համայնքներուն։

«Հայկական Սփիւռքը Յարափոփոխ Աշխարհում» Հատորը՝ Սփիւռքի Վաւերագրութեան Կարեւոր Աղբիւր

$
0
0

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ

ՀՀ Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանի վերջերս լոյս տեսած Հայկական Սփիւռքը Յարափոփոխ Աշխարհում հատորը (650 էջ) հանրագիտարանէ մը աւելի, Սփիւռքի հարցերու ուսումնասիրութեան, հայուն ինքնութեան ու քաղաքական մտքի հոլովոյթին կապուած փաստավաւերագրական աղբիւր մըն է, հսկայ շտեմարան մը տեղեկութիւններու եւ վիճակագրական տուեալներու: Յարափոփոխ եւ բազմաշերտ Սփիւռքին լայնօրէն քաջատեղեակ, անոր պատմութեան, հոլովոյթին, պայքարին, բարդ խնդիրներուն եւ ներքին զգայնութիւններուն մօտէն ծանօթ, հմուտ փորձագէտի մը աշխատասիրութիւնն է ան, ուր ներբեռուած վաւերական ու ամբողջական տուեալները տարիներու անխոնջ բանահաւաք աշխատանքի արգասիքն է, բան մը՝ որ ցոյց կու տայ Սփիւռքի նախարարին «իր հօտը» մօտէն ճանչցած ըլլալու հանգամանքն ու փաստը:

Տիկին Յակոբեան արդարօրէն մատը վէրքին վրայ կը դնէ, երբ կը նշէ, թէ համաշխարհայնացման ու յարափոփոխ աշխարհի այսօրուան պատկերին դիմաց, հայկական Սփիւռքը աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր հայու ինքնութիւնը, կանգնած է ուծացման արագ գործընթացի մը առջեւ, ուստի Սփիւռքի գլխաւոր հիմնախնդիրն ու մարտահրաւէրը՝ հայապահպանութեան խնդիրն է: Ապա կը հետեւցնէ, որ համայնքային կեանքը Սփիւռքի մէջ արմատական վերատեսութեան, վերակազմակերպման կարիքը ունի: Նախարարին հիմնական կիզակէտը՝ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւններու հզօրացման գործին մէջ Սփիւռքի կարեւոր եւ մեծ դերակատարութիւնն է, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի գոյատեւումն ու յարատեւութիւնը:

Սփիւռքի կառոյցներուն հետ գործակցութեան հսկայ դաշտ մը կը բանայ հեղինակը, երբ կը մատնանշէ այլազան բնագաւառները, ուր Հայաստանի համապատասխան կառոյցները կրնան իրենց ներդրումը բերել, ինչպէս՝ հայագիտութեան, լրատուութեան եւ մամուլի, թանգարաններու, բարձրագոյն կրթութեան, ցեղասպանագիտութեան եւ այլ մարզերէ ներս: Սփիւռքի դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն դիմաց, հայրենի կառոյցները կրնան եւ պարտին այդ նեցուկը ցուցաբերել եւ միաժամանակ օգտուիլ Սփիւռքի համայնքներուն, կառոյցներուն եւ անհատներուն ծով փորձառութենէն եւ հսկայ ներուժէն, ի խնդիր Հայաստանի հզօրացման եւ արտաքին աշխարհին ու միջազգային կառոյցներուն ու կազմակերպութիւններուն հետ գործակցութեան հեռանկարով: Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ ամրագրուած հայկական Սփիւռքին հետ համակողմանի կապերու զարգացման, հայապահպանութեան ուղղուած քաղաքականութեամբ եւ մշակութային, կրթական, լեզուի թէ այլ մարզերէ ներս գործակցութեան կարիքը ոչ միայն ողջունելի է, այլ՝ պահանջք, որ կ’ենթադրէ պարտաւորութիւն: Մշակուած, լուրջ ռազմավարութիւն մը այդ նպատակին ի խնդիր, մեկնելով Սփիւռքի կարիքներէն, կրնայ ամրապնդել ու բարձրացնել վստահութեան մակարդակը Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ: Այդ զօրակցութիւնը պարտի ընթանալ երկու ուղղութիւններով:

Բնականաբար հասկնալի է նախարարին պահուածքը, երբ կ’անդրադառնայ Սփիւռքի համայնքներու ներքին դժուարութիւններուն ու թերութիւններուն: Կը մատնանշէ երեւոյթներ, կը կատարէ թելադրութիւններ, սակայն չի խորանար անոնց պատճառներուն կամ պատասխանատուներու փնտռտուքին մէջ:

Հեղինակը իրաւացիօրէն կը մատնանշէ Հայոց ցեղասպանութեան դառն ու ծանր հետեւանքները իրաւազրկուած եւ ցեղասպանութիւնը իր մորթին վրայ ապրած սփիւռքահայուն համար, պատմական անցեալն ու հաւաքական յիշողութիւնը արծարծ պահելու կարեւորութիւնը իբրեւ նոր սերունդներուն հայ մնալու ազգային արժէհամակարգի նախադրեալ։ Պահանջատիրութիւնը, զոր Հայաստանի պետական այրերը կը խուսափին որդեգրելէ, փոխարէնը օգտագործելով «հետեւանքների վերացում» բառակապակցութիւնը, հայ ժողովուրդի միասնականութեան կարեւորագոյն ազդակներէն է, թէեւ ոʹչ միակը։ Ցեղասպանութեան 100-ամեակը, հաւաքական ու պատմական յիշողութիւնը պահպանելու եւ նոր սերունդներուն որպէս ուխտ եւ աւանդ փոխանցելու լաւագոյն առիթն էր, կը հաստատէ տիկին Յակոբեան:

Հատորին մէջ հանգամանօրէն կը քննարկուին Սփիւռքի պատմամշակութային արժէքները, նաեւ ազգային կառոյցներու եւ անհատներու գոյքերու եւ ժառանգութիւններու հիմնախնդիրները. կ’առաջարկուի մօտէն զբաղիլ այդ հարցով, նախանձախնդիր՝ որ անհատներու եւ այլոց կտակները չիւրացուին օտարներէ: Տիկին Յակոբեան կը հարցադրէ՝ որո՞նք են այս կտակներուն իրաւատէրերը, ո՞վ է ազգ-ժառանգորդը, եթէ ոչ ազգային պետութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ կ’առաջարկէ հաշուառում կատարել ազգային ժառանգութեան, ընդհուպ՝ այդ ժառանգութեան հայրենադարձութիւն: Այս հարցը եւ առաջարկուած մօտեցումը լուրջ քննարկումի կարիքն ունին, նկատի ունենալով անոնցմէ յառաջացող զգայնութիւնները:

Տիկին Յակոբեան հանգամանօրէն կը քննարկէ հայուն ինքնութեան հիմնական բաղադրիչները՝ մայրենի լեզուն, հայ մշակոյթն ու դպրութիւնը, եկեղեցին, ընտանիքը, բարքերն ու սովորութիւնները, պատմական յիշողութիւնը, շեշտելով հայրենիքի հետ կապն ու հողին՝ օճախին զօրութիւնը սփիւռքահայուն ինքնութիւնը պահելու եւ պահպանելու ճիգին մէջ: Իրաւացի է երբ արեւմտահայերէնի նահանջին կը զուգակցէ նաեւ արեւելահայերէնի վտանգուած ըլլալու իրողութիւնը կամ լեզուին աղաւաղումը հայրենիքի մէջ, երեւոյթ մը, որ կը պարտաւորեցնէ հայրենի պետութիւնը զօրաշարժի ենթարկելու իր պետական ողջ լծակները ի խնդիր մայրենի լեզուի երկու ճիւղերուն փրկութեան: Ցաւ ի սիրտ, հեղինակը չի մատնանշեր միասնական ուղղագրութեան հարցը եւ հայ ժողովուրդի երկու հատուածներուն միասնականութիւնը ամրապնդող այնքան կենսական այդ քայլին նախաձեռնելու անհրաժեշտութիւնը։ Միաժամանակ, խոր վերլուծման կ’ենթարկէ հայ ընտանիքին տեղն ու դերը, հայկական մշակոյթի կարեւոր յանձնառութիւնը հայապահպանման գործին մէջ, որպէս կամուրջ անոր անցեալին, ներկային ու ապագային, հայ երեխան հայկական անուններով օժտելու անհրաժեշտութիւնը՝ անոր հայեցի դիմագիծի պահպանման մէջ: Կ’անդրադառնայ հայախօսութեան նահանջին, խառն ամուսնութիւններուն, օտար վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտութեան թիւի աճին, անոր վտանգին, որոշ տեղեր ազգային կառոյցներու ոչ-արդիւնաւէտ գործունէութեան: Կը շեշտէ Սփիւռքի համայնքներու ազգային նկարագրի պահպանման մէջ հայ եկեղեցական երեք կառոյցներու համագործակցութիւնը՝ նոյնինքն մշակոյթի, կրթութեան, լեզուի եւ այլ մարզերու մէջ։ Բազմաշերտ են հարցերը եւ քննարկուած թեմաները, հեղինակին շեշտադրումներով, գիտական, մեթոտաբանական, վերլուծական մօտեցումով, բան մը՝ որ հատորը կը դարձնէ աւելի քան ամբողջական ու յագեցած։ Հարկ է խոստովանիլ, թէ հատորը վերլուծելու կամ ներկայացնելու որեւէ փորձ ի յառաջագունէ դատապարտուած է ըլլալու մասնակի եւ թերի: Այս տողերուն հեղինակը նախօրօք կը գիտակցէր այդ ճիգին դժուարութիւնը:

Տիկին Յակոբեան կը շեշտէ հայկական Սփիւռքին կարողականութիւնը հայրենիքի հզօրացման ծառայեցնելու այլազան բնագաւառները, կարեւորութիւնը, միջոցները, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զանազան շերտերը, անհրաժեշտութիւնը, կը բաղդատէ յունական, հրէական եւ իրլանտական սփիւռքները, վեր առնելով անոնց փորձը, Սփիւռքի լոպիի օգտագործումը ի խնդիր Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման, հայուն ինքնութեան տագնապն ու առողջ ախտաճանաչումը կ’ընէ հայուն գոյատեւման երաշխիքներուն ուժեղացման ի խնդիր: Հարուստ փորձի վրայ յենած իր մատնանշումները կ’ամփոփեն Սփիւռքի ներկայի ու անցեալի մարտահրաւէրները, ներկայացնելով լուծման առաջարկներ, քննարկելի եւ նաեւ օգտագործելի արտերկրի մեր համայնքներէն ներս: Ան էապէս յաջողած է դասակարգել հիմնախնդիրները եւ Սփիւռքի գոյատեւումը ամրագրող միջոցները լուսարձակի տակ բերել:

Յատուկ բաժինով կը ներկայացուին Սփիւռքի բերած նիւթական հսկայ ներդրումներն ու նպաստը անկախ Հայաստանի եւ Արցախի զօրացման ու բարգաւաճման մէջ, եւ այդ նոյն Սփիւռքին վերապահուած անուրանալի դերակատարութիւնը հայրենիքի զարգացման մէջ: Հատորը ի մի կը բերէ սփիւռքեան կառոյցներուն եւ անհատ ազգայիններուն հսկայական նեդրումներուն պատկերը, աշխատանք մը՝ որ լաւագոյնս կը ցոլացնէ վերջին տասնամեակներու օժանդակութիւններու ծաւալն ու չափը: Մեծ է Սփիւռքին դերը հայրենաշինութեան գործին մէջ:  Այս հատորը կու գայ նաʹեւ այս ճշմարտութիւնը հաստատելու, իր բերած հարուստ տուեալներով։

Հատորին մէջ խոր քննարկման կ’ենթարկուին հայուն ինքնութեան հարցերը, Սփիւռքի նախարարութեան գործելաոճն ու գործունէութիւնը, հեռանկարներն ու ընելիքները, Սփիւռքի հետ գործակցութեան նպաստող ծրագրերն ու բնագաւառները, երկքաղաքացիութեան հաստատումը, բռնի իսլամացուած հայերու հարցը, Թուրքիոյ՝ հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի ու նենգափոխման քաղաքականութիւնը, Հայաստանի շրջափակումը, Ատրպէյճանի թշնամական ու յարձակողապաշտ նկրտումները, արտագաղթի աճող մակարդակը, արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրները, Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովներն ու անոնց կարեւոր դերը կամուրջներու հաստատման եւ փոխըմբռնման տեսակէտէն, հայկական ողջ ներուժի օգտագործման կարեւորութիւնը թէʹ գաղութներէն ներս եւ թէʹ ի խնդիր Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման, որպէս կարեւոր գործօն:

Հատորը յագեցած է բազմաբնոյթ վիճակագրական ու տարբեր անհատներու եւ հաստատութիւններու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններով, որոնք այս հատորին կու տան գիտական արժէք եւ հաւաստիութիւն։ Հոն ներկայացուած բոլոր առաջարկներն ու ծրագրերը, խոր գիտակցումն են սփիւռքահայութեան հարցերուն եւ դժուարութիւններուն, նաʹեւ փորձին. համադրումն են ամէնուր եղած գիտական-ակադեմական զեկոյցներու, դասախօսութիւններու վերլուծման ու եզրայանգումներուն, գործադրելի՝ Սփիւռքի թէ հայրենի կեանքի որեւէ բնագաւառի պարագային: Հատորը մեծ ներդրում է սփիւռքագիտութեան համար, ի մասնաւորի քննադատական մտածողութեան (critical thinking) տեսակէտէն: Այս բոլորը կը վկայեն, որ ի դիմաց ՀՀ Սփիւռքի նախարարին՝ մենք գործ ունինք նախարարութիւնը կառոյցի եւ փորձ ունեցող հաստատութեան վերածած ուժեղ անհատականութեան մը, պետական հարուստ մտածողութեամբ, որուն իննամեայ աշխատանքին ու տեսլականին արգասիքն է այս հատորը, արժանի՝ լուրջ ուսումնասիրութեան, Սփիւռքի եւ ի մասնաւորի հայրենիքի մէջ։

Աւարտելու համար՝ այս ծանրակշիռ հատորը կ’արժէր լոյս ընծայել դասական ուղղագրութեամբ եւ ինչոʹւ ոչ՝ արեւմտահայերէնով։

 

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Ի Խնդիր Հայկական Աշխարհի Անվտանգութեան Ու Զարգացման

$
0
0

Վերջին երկու շաբաթների ընթացքում քաղաքական իրադարձութիւններն իրար յաջորդեցին բաւականին սրընթաց:

Նախ` տեղի ունեցաւ Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համագումարը, համագումարը դեռ չաւարտուած` Հայաստանի ու Ազրպէյճանի նախագահները ելոյթ ունեցան ՄԱԿ-ի ամպիոնից, նոյն ընթացքում հանդիպեցին երկու երկրների արտաքին գործերի նախարարները, Միացեալ Նահանգների Միշիկըն նահանգը ճանաչեց Արցախի անկախութիւնը, Արցախում ձեւաւորուեց կառավարութիւն եւ, փաստօրէն, գործնականում երկրի կառավարման համակարգը փոխուեց: Այս բոլորը` հայկական իրականութեանն ուղղակի առնչուող խնդիրների շարքից:

Միջազգային առումով, յիշատակելի են դեռեւս շարունակուող` «Ազրպէյճանի լուացքատան» շղթայական բացայայտումներն ու սպասուելիք հետեւանքները, իսկ առաւել կարեւոր իրադարձութիւնները Իրաքի քրտական մարզի եւ Քաթալոնիայի անկախութեան հանրաքուէներն են:

Այս բոլոր իրադարձութիւններին համապարփակ դիտանկիւնից նայելով` տեղին է մատնանշել, որ համաշխարհային մթնոլորտում հակումները դէպի հայանպաստ մտածողութիւն` առաւել շեշտակիացել են: Իսկ դրա պատճառով հայկական դիրքորոշման կարծրացումն ու տարածաշրջանային մակարդակում նոր դերի ստանձման կարելիութեան առիթից օգտուելը հրամայական է դառնում:

Ընդհանուր առմամբ, հէնց այդ ուղու վրայ է հայկական արտաքին քաղաքականութիւնը: Հայկական կողմի դիրքորոշումների կարծրացմանը ականատես եղանք Հայաստանի նախագահի ելոյթում ՄԱԿ-ի ամպիոնից, յատկապէս Արցախի հարցով` «Արցախի Հանրապետութիւնը չի կարող ունենալ աւելի ցածր կարգավիճակ եւ վայելել աւելի քիչ ազատութիւն, քան այսօր ունի» արտայայտութեամբ, իսկ տարածաշրջանային առումով, փաստօրէն, վերջնաժամկէտ ներկայացնելով Թուրքիային հայ-թուրքական արձանագրութիւնների առ ոչինչ յայտարարելու մտայնութեամբ: Այս երկու ուղղութիւններում Հայաստանի նախագահի ելոյթը կարելի է համարել անկիւնադարձային, որով եւ յայտ է ներկայացւում նոր դերակատարութիւն ստանձնելու համար:

Միւս կողմից, ականատեսը եղանք Արցախի արտաքին գործերի նախարարութեան յայտարարութեանը` կապուած Իրաքի քրտական մարզի անկախութեան հանրաքուէի կապակցութեամբ, որտեղ փաստօրէն Արցախը ողջունեց քիւրտ ժողովրդի զարգացման ուղին ինքնուրոյն ընտրելու իրաւունքի իրացման աքթը:

Այսպիսով, փաստօրէն Հայաստանը յայտ է ներկայացնում տարածաշրջանային իրադարձութիւնների առնչութեամբ դերակատարութիւն ստանձնելու համար: Պէտք է հաշուի առնել, որ այդ առումով հայութեան ներուժը պատկառելի է: Հայութիւնը կարող է առարկայական ներկայութիւն ունենալ երկու պետութիւններով` ի դէմս Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնների, եւ` սփիւռքով:

Մնում է կարողանալ ճիշդ եւ տեղին օգտագործել հայկական ներուժը` ի խնդիր հայկական աշխարհի անվտանգութեան եւ զարգացման:

2 հոկտեմբեր 2017թ.

Գաղափարական Հարցեր. «Դրամագլուխ»-ը 150 Տարեկան Է

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

150 տարի առաջ գերմանացի փիլիսոփայ Քարլ Մարքս հրատարակեց իր հանճարեղ «Դրամագլուխը. քննադատութիւն քաղաքական տնտեսութեան» (ծանօթ է նաեւ իբրեւ «Բանուոր դասակարգի աւետարան») աշխատութիւնը, որ տեսական բնոյթի հսկայական աշխատանք մըն է նիւթապաշտական փիլիսոփայութեան դպրոցին ծիրին մէջ: Աշխատութիւնը կը բաղկանար երեք հատորներէ: Առաջին հատորը միայն լոյս տեսաւ Մարքսի ողջ եղած ժամանակ, իսկ միւս երկու հատորները հրատարակուեցան իր մահէն ետք, իր գաղափարակից եւ գործընկեր Ֆրիտրիխ Էնկելսի կողմէ: Առաջին հատորը հրատարակուեցաւ 1867-ին` «Դրամագլուխի արտադրութեան հոլովոյթը» խորագիրով: Անոր յաջորդեցին երկրորդ եւ երրորդ հատորները, որոնք հրատարակուեցան Էնկելսի կողմէ` Մարքսի յուշատետրին օգտագործումով` «Դրամագլուխի շրջանառութեան հոլովոյթը» խորագիրով` 1885-ին եւ «Դրամատիրական արտադրութեան հոլովոյթը իբրեւ ամբողջութիւն» խորագիրով՝ 1894-ին: Հետագային «Դրամագլուխը» դարձաւ մարքսական տնտեսագիտութեան գլխաւոր աղբիւրներէն մէկը` «Համայնավարական մանիֆեստ»-ի կողքին:

Այս աշխատութիւնը արդի միջազգային տնտեսագիտութեան մարզին մէջ կը նկատուի ամէնէն կարեւոր երեք հրատարակութիւններէն մէկը: Անոր կողքին են բրիտանացի երկու տնտեսագէտներու` Ատամ Սմիթի «Հետազօտութիւն ժողովուրդներու հարստութեան բնոյթին եւ պատճառներուն շուրջ» (հրատարակուած է 1776-ին` իբրեւ դասական ազատական տնտեսութեան օրինակ) եւ Ճոն Մէյնարտ Քէյնզի «Աշխատանքի, տոկոսի եւ դրամի ընդհանուր տեսութիւն»  (հրատարակուած է 1936-ին եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք դարձած արեւմտեան պետութիւններու օրինակ) հրատարակութիւնները:

Մարքսը իր փիլիսոփայական աշխատանքը գրեց իբրեւ քննադատութիւն դրամատիրական արտադրութեան եղանակին, երբ նոր ձեւաւորուած էր դրամատիրական տնտեսութիւնը, եւ նոր սկսած էին շուկաները աճիլ, դրամատուները տարածուիլ եւ գաղութատիրական ծրագիրները կազմակերպուիլ:

Քարլ Մարքս նախ եւ առաջ կը բացատրէ դրամագլուխի ծագումն ու ձեւաւորումը, երբ ան կ՛ըսէ. «Ապրանքային շրջանառութիւնը դրամագլուխի ելակէտն է: Անոր ծագման պատմական նախադրեալներն են ապրանքային արտադրութիւնը եւ զարգացած ապրանքային շրջանառութիւնը, առեւտուրը: Համաշխարհային առեւտուրն ու համաշխարհային շուկան 16-րդ դարուն կը բանան դրամագլուխի նոր պատմութիւնը»: Այսինքն դրամագլուխը ձեւաւորուած ու ծնած է զուգահեռաբար առեւտուրի եւ շուկայի ձեւաւորման ու ծնունդին հետ:

Դրամագլուխի ծագումը իրեն հետ զարգացուց արտադրութեան միջոցներու որակը` ծնունդ տալով 18-րդ դարու ճարտարարուեստական յեղափոխութեան, որ փոխարինեց գիւղատնտեսութեան ժամանակաշրջանը: Դրամագլուխի` ճարտարարուեստական յեղափոխութեան դերակատարութեան մասին Մարքս կը գրէ. «Պատմականօրէն դրամագլուխը ամէն տեղ կանգնած է հողային սեփականութեան դէմ` սկիզբը դրամի ձեւով, իբրեւ դրամական գոյք, իբրեւ վաճառականական ու վաշխառուական դրամագլուխ»:

Ճարտարարուեստական յեղափոխութիւնը յանկարծակիօրէն կը փոխէ աշխատանքի շուկայի ժողովրդագրութիւնը` պատճառ դառնալով գիւղացիներու գաղթին` դէպի ճարտարարուեստական քաղաքներ: Եւ ահաւասիկ քաղաքներուն մէջ ձեւաւորուած գործարաններէն կը ծնի աշխատաւորութիւնը: Գործարաններուն մէջ ձեւաւորուած նոր աշխատաւորութիւնը կարիքը կ՛ունենայ աշխատուժի, զոր Մարքս հետեւեալ տողերով կը սահմանէ. «Աշխատուժ կամ աշխատունակութիւն ըսելով` մենք կը հասկնանք ֆիզիքական ու մտաւոր այն ընդունակութիւններուն ամբողջութիւնը, որ ունի մարդու կազմը, անոր կենդանի անձնաւորութիւնը եւ որ ան կը գործադրէ ամէն անգամ, երբ որեւէ սպառողական արժէք կ՛արտադրէ»: Այդ աշխատուժը կը դառնայ աշխատանքի հիմքը, որ իր կարգին կը վերածուի փոխադարձ հասկացողութիւններու, քանի առանց աշխատուժի` աշխատանք չկայ: Աշխատանքը Մարքսի կողմէ կը սահմանուի իբրեւ «նախ եւ առաջ մարդու ու բնութեան միջեւ կատարուող հոլովոյթ. հոլովոյթ մը, որուն մէջ մարդը իր սեփական գործունէութեամբ կը միջնորդէ, կը կարգաւորէ եւ կը վերահսկէ նիւթերու փոխանակութիւնը բնութեան եւ իր միջեւ: Բնութեան նիւթին դիմաց մարդն ալ կանգնած է իբրեւ բնութեան ուժ: Իր մարմինին պատկանող բնական ուժերը` բազուկներն ու ոտքերը, գլուխն ու մատները ան շարժման մէջ կը դնէ, որպէսզի բնական նիւթը իւրացնէ իր սեփական կեանքին համար պիտանի որոշ ձեւով: Այդ շարժման միջոցով ներգործելով իրմէ դուրս գտնուող բնութեան վրայ եւ զայն փոխելով` ան միեւնոյն ժամանակ կը փոխէ իր սեփական բնութիւնը: Ան կը զարգացնէ իր բնութեան մէջ գտնուող կարողութիւնները եւ այդ ուժերուն խաղը կ՛ենթարկէ իր սեփական իշխանութեանը»: Այսպիսով, ոեւէ մարդ-անհատ, որ կը գործածէ իր աշխատուժը, կը դառնայ աշխատաւոր:

Իւրաքանչիւր աշխատաւոր կ՛ունենայ իր գործատիրոջ կողմէ նշանակուած աշխատաժամ, ուր կը պարպէ իր աշխատուժը` յանուն արդիւնաբերական արտադրութեան: Աշխատաժամը, ըստ Մարքսին, «ունի լրիւ 24 ժամ, հանած` հանգիստի այն սակաւաթիւ ժամերը, առանց որոնց` աշխատուժը բացարձակապէս անպէտք կը դառնայ իր ծառայութիւնը վերսկսելու համար: Ըստ էութեան, հասկնալի է, որ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին բանուորը, առանց բացառութեան, ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ` աշխատուժ, ուստի եւ անոր տրամադրութեան տակ եղած ամբողջ ժամանակը, բնականօրէն եւ իրաւունքի համաձայն, աշխատաժամանակ է, հետեւապէս ամբողջովին կը պատկանի դրամագլուխի ինքնաճի հոլովոյթին: Ինչ կը վերաբերի այն ժամանակին, որ մարդուն անհրաժեշտ է կրթական, մտաւոր զարգացման, ընկերային գործունէութիւններ կատարելու` ընկերական հաղորդակցութեան, ֆիզիքական ու մտաւոր ուժերու ազատ խաղի համար, նոյնիսկ կիրակին տօնելու համար, ապա այդ բոլորը դատարկ ցնդաբանութի՜ւն են»: Բոլոր այս չարիքները Մարքսի կողմէ կը նկատուին դրամատիրական համակարգի չարիքներ, հետեւաբար ան կը շեշտէ. «Դրամատիրական արտադրութիւնը, որ ըստ էութեան, յաւելեալ արժէքի արտադրութիւն, յաւելեալ աշխատանքի ներծծումն է, աշխատանքային օրուան երկարացումով յառաջ կը բերէ ո՛չ միայն մարդկային աշխատուժի սպառումը, որմէ կը խլուին զարգացման ու գործունէութեան բարոյական ու ֆիզիքական բնականոն պայմանները: Դրամատիրական արտադրութիւնը յառաջ կը բերէ բուն աշխատուժի վաղաժամ սպառում եւ ոչնչացում: Ան որոշ ատեն մը կ՛երկարացնէ տուեալ բանուորին արտադրական ժամանակը, բայց անոր վնաս կը հասցնէ` անոր կեանքին տեւողութիւնը կարճցնելով»:

Մարդկային-հասարակական կեանքին մէջ, մարդկային ընկերութեան ձեւաւորման առաջին օրերէն իսկ կը գործէր աշխատանքի բաժանումը: Սակայն աշխատանքի այդ բաժանումը աւելի խստացաւ դրամատիրութեան ծագումէն ետք: Մարքս կ՛անդրադառնայ այս բաժանումին` նշելով. «Աշխատանքի բաժանումը հասարակութեան մէջ եւ անհատի համապատասխան սահմանափակումը զբաղմունքի որոշ ոլորտով, ունի, ինչպէս եւ` աշխատանքի բաժանումը ճարտարարուեստին մէջ, զարգացման երկու հակադիր ելակէտներ: Ընտանիքի սահմաններուն, իսկ հետագայ զարգացումով` տոհմի սահմաններուն մէջ: Աշխատանքի բնական բաժանումը կը ծագի սեռի ու տարիքի տարբերութիւններէն, այսինքն` զուտ բնախօսական հիմքի վրայ, եւ աշխատանքի այդ բաժանումը իր ոլորտը կ՛ընդարձակէ հասարակական կեանքի ծաւալման, բնակչութեան աճին, իսկ առանձնապէս երկու տարբեր տոհմերու միջեւ ընդհարումներու ծագելուն եւ մէկ տոհմը միւս տոհմերուն ենթարկուելուն զուգընթաց: Միւս կողմէ, ինչպէս ես արդէն նկատած եմ, արդիւնքներու փոխանակութիւնը կը ծագի այն կէտերէն, ուր շփման մէջ կը մտնեն տարբեր ընտանիքներ, տոհմեր, համայնքներ, որովհետեւ մարդկային մշակոյթի սկիզբին ո՛չ թէ առանձին անհատները, այլ ընտանիքները, տոհմերը եւ այլ խումբերն են յարաբերութեան մէջ մտած միմեանց հետ` իբրեւ ինքնուրոյն միաւորներ: Տարբեր համայնքներ արտադրութեան տարբեր միջոցներ ու տարբեր կենսամիջոցներ կը գտնեն զիրենք շրջապատող բնութեան մէջ: Այդ պատճառով ալ անոնք մէկը միւսէն կը տարբերին արտադրութեան եղանակով, ապրելակերպով եւ զիրենք արտադրած արդիւնքներով: Անոնք այն բնական տարբերութիւններն են, որոնք համայնքներու շփման հոլովոյթին մէջ կը յառաջացնեն արդիւնքներու փոխադարձ փոխանակութիւն: Հետեւաբար նաեւ այդ արդիւնքներու աստիճանական փոխարկում` ապրանքներու: Փոխանակութիւնը տարբերութիւն չի ստեղծեր արտադրութեան ոլորտներուն միջեւ, բայց արդէն մէկը միւսէն տարբերող ոլորտներու միջեւ կապ կը հաստատէ եւ զանոնք կը դարձնէ հասարակական ամբողջական արտադրութեան աւելի կամ նուազ չափով իրարմէ կախում ունեցող ճիւղեր: Այստեղ աշխատանքի հասարակական բաժանումը յառաջ կու գայ փոխանակութեան միջոցով, որ կը կատարուի արտադրութեան սկիզբէն տարբեր, բայց իրարմէ անկախ ոլորտներու միջեւ: Այնտեղ, ուր ելակէտը աշխատանքի բնախօսական բաժանումն է, անմիջականօրէն շաղկապուած ամբողջութեան առանձին օրկանները կը բաժնուին, կը քայքայուին, ընդ որում` այդ քայքայման գլխաւոր խթանը կը հանդիսանայ օտար համայնքներու հետ կատարուած ապրանքափոխանակութիւնը, եւ օրկանները կը դառնան ինքնուրոյն` պահպանելով այն փոխադարձ կապը միայն, որ կը հաստատէ տարբեր աշխատանքներու միջեւ անոնց արդիւնքները` ապրանքներու փոխանակման միջոցով: Պարագայի մը իր ինքնուրոյնութիւնը կը կորսնցնէ այն, ինչ որ առաջ ինքնուրոյն էր, միւս պարագային ինքնուրոյն կը դառնայ այն, ինչ որ առաջ ինքնուրոյն չէր»: Մարքսը նաեւ կ՛աւելցնէ, որ աշխարհագրութիւնն ալ իր դերակատարութիւնը ունի աշխատանքի բաժանման մէջ. «Աշխատանքի զարգացած ու ապրանքափոխանակութեան միջոցով իրականացուող ամէն մէկ բաժանման հիմքը քաղաքի եւ գիւղի անջատումն է իրարմէ: Կարելի է ըսել, որ հասարակութեան տնտեսական ամբողջ  պատմութիւնը կ՛ամփոփուի հակադրութեան այդ շարժման մէջ»:

Մարքսը աւելի խոր կը վերլուծէ դրամատիրական համակարգի շահոյթը` գրելով. «Դրամատէրը ապրանքը կ՛արտադրէ ո՛չ ապրանքի սիրոյն, ո՛չ ալ անոր սպառողական արժէքի կամ թէ իր անձնական սպառման համար: Այն արդիւնքը, որով իսկապէս կը շահագրգռէ դրամատէրը, ոչ թէ նոյնինքն շօշափելի արդիւնքն է, այլ արդիւնքի արժէքի այն յաւելոյթն է, որ կը ստացուի արդիւնքին վրայ գործադրուած դրամագլուխի արժէքէն վեր: Դրամատէրը կանխաւ կը վճարէ ամբողջ դրամագլուխը` առանց ուշք դարձնելու այն տարբեր դերերուն, որոնք կը խաղան անոր բաղադրամասերը յաւելեալ արժէքի արտադրութեան մէջ: Ան (դրամատէրը) այս բոլոր բաղադրամասերը միակերպ կը կանխավճարէ` ո՛չ միայն կանխավճարուած դրամագլուխը վերարտադրելու, այլ նաեւ ատկէ վեր արժէքի յաւելոյթ արտադրելու համար: Դրամատէրը կը կանխավճարէ փոփոխուն դրամագլուխ, որուն արժէքը ան կրնայ աւելի բարձր արժէքի փոխարկել` յիշեալ արժէքը կենդանի աշխատանքի հետ փոխանակելով, կենդանի աշխատանքը շահագործելով: Բայց ան լոկ այն ժամանակ կրնայ աշխատանքը շահագործել, երբ միաժամանակ կը կանխավճարէ այս աշխատանքը կիրարկելու անհրաժեշտ պայմաններուն համար` աշխատանքի միջոցներն ու աշխատանքի առարկան, մեքենաներն ու հումքը, այսինքն` երբ ան իր ձեռքին ունեցած արժէքի գումարը կը փոխարկէ արտադրապայմաններու ձեւերուն»:

Մարքսի խոր վերլուծումը կը հասնի մինչեւ դրամատիրական համակարգի սկզբունքային ակունքները, ուր ան կը քննարկէ դրամատիրական արտադրութիւնն ու վերաբաշխումը: «Արտադրութեան դրամատիրական եղանակի գիտական վերլուծումը կ՛ապացուցէ, ընդհակառակն, որ ան յատուկ տեսակի, յատուկ պատմական որոշակիութիւն ունեցող արտադրութեան եղանակ է, որ ան, ինչպէս եւ` արտադրութեան ամէն մէկ այլ որոշակի եղանակ, հասարակական արտադրողական ուժերու եւ անոնց զարգացման ձեւերու տուեալ աստիճանը կ՛ենթադրէ իբրեւ իր պատմական պայմանը, պայման մը, որ ինքը նախընթաց հոլովոյթի մը պատմական հետեւանքն ու արդիւնքն է եւ որմէ, ինչպէս` իր տուեալ հիմքերէն, կ՛ելլէ արտադրութեան նոր եղանակը. այդ յատուկ, պատմականօրէն որոշակի արտադրութեան եղանակին համապատասխանող արտադրական յարաբերութիւնները. յարաբերութիւններ, որոնք կը մեղմացնեն մարդիկ իրենց հասարակական կեանքի հոլովոյթին մէջ, իրենց հասարակական կեանքի արտադրութեան մէջ` յատուկ, պատմական եւ անցողիկ բնոյթ կը կրեն, որոնք, վերջապէս, իրենց էութեամբ բաշխման պայմանները, որոնք նոյնական են արտադրութեան պայմաններուն հետ, կը կազմեն այս վերջիններուն հակապատկերը. այնպէս որ, թէ՛ արտադրական եւ թէ՛ բաշխման յարաբերութիւնները հաւասարապէս միեւնոյն պատմական անցողիկ բնոյթը կը կրեն»: Մարքս կը շարունակէ մերկացնել դրամատիրական համակարգը` փաստելով անոր հակաբանուորական ուղղութիւնը. «Ի հարկէ, կարելի է ըսել, որ դրամագլուխը (որուն մէջ կը ներառուի նաեւ հողային սեփականութիւնը` իբրեւ անոր հակադրութիւն) ինքը արդէն կ՛ենթադրէ բաշխում` բանուորի սեփականազրկումը իր աշխատանքի պայմաններէն. այդ պայմաններուն համակեդրոնացումը անհատներու փոքրամասնութեան ձեռքին մէջ. հողի բացառիկ սեփականութիւնը ուրիշ անհատներու համար… Այս պարագային նկատի կ՛ունենան տարբեր տիտղոսներ` արդիւնքի այն բաժինին համար, որ կը հասկցուի անհատական սպառում: Ընդհակառա՛կն, բաշխման վերը նշուած յարաբերութիւնները հիմք կը հանդիսանան յատուկ հասարակական գործառոյթներու, որոնք նոյնինքն արտադրական յարաբերութեան սահմաններուն մէջ բաժին կ՛իյնան անոր որոշակի գործակալներուն` ի հակադրութիւն անմիջական արտադրողներու: Անոնք յատուկ հասարակական որակ կը հաղորդեն իրենց իսկ արտադրութեան պայմաններուն եւ անոնց ներկայացուցիչներուն: Անոնք կ՛որոշեն արտադրութեան ամբողջ բնոյթը եւ ամբողջ շարժումը»:

Վերջաւորութեան Մարքսը կը նշէ դրամատիրական համակարգէն յառաջացած երեք դասակարգերը` գրելով. «Լոկ բանուորական ուժի սեփականատէրերը, դրամագլուխի սեփականատէրերը եւ հողի սեփականատէրերը, որոնց եկամուտներուն համապատասխան աղբիւրներն են աշխատավարձը, շահոյթը եւ հողային վարձքը: Ուրեմն, վարձու բանուորները, դրամատէրներն ու հողային սեփականատէրերը կը գոյացնեն դրամատիրական արտադրութեան եղանակի վրայ խարսխուած ժամանակակից հասարակութեան երեք մեծ դասակարգերը»:

Քարլ Մարքսի այս միտքերը գրուած են 150  տարի առաջ, երբ նոր ձեւաւորուած էր դրամատիրութիւնը: Այսօր արդեօք Մարքսը ի՞նչ պիտի գրէր, երբ տեսնէր, որ աշխարհի վրայ մեծ ձեռնարկութիւնները աւելի ագահացած են եւ անմարդկային ձեւով կը մրցակցին, տեսնէր պատերազմները, որոնք կը մղուին յանուն քարիւղի, տեսնէր նաեւ կրթութեան եւ առողջապահութեան սեփականաշնորհումը, գաղթականներու շահագործումը, դրամատուներու հասարակական դերակատարութեան լայնացումը եւ բնութեան բնաջնջումը: Մարքսի գաղափարները կը հանդիսանան պատասխանը դրամատիրական վայրագութեան, եւ Մարքսը կը մնայ այլընտրանք, մինչեւ որ վերացուի մեծ ձեռնարկութիւններու դերը, պետականացուին քարիւղի ընկերութիւնները, հանրային սեփականատիրութեան ենթարկուին կրթական եւ առողջապահական հիմնարկները, պաշտպանուին գաղթականներու եւ տեղահանուածներու իրաւունքները, հսկողութեան ենթարկուին դրամատուները եւ պահպանուի բնութիւնը: Ահա այս է 21-րդ դարու մարքսական պատգամը:

 

 

Կարաւանի Վերջին Ուղտապանի Ճակատագիր` Պուլկարացի Լրագրողի Համար

$
0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՃԵԱՆ
Քաղաքական վերլուծաբան

Այո՛, ճիշդ կռահեցիք. խօսքս վերաբերում է յայտնի լրագրող Տիլեանա Կայթանճիեւայի ճակատագրին: Նրա, ով վերջերս, յուլիսի սկզբներին, պուլկարական ամենամեծ տպաքանակ ունեցող «Թրուտ» թերթի էջերում հանդէս է եկել աղմկայարոյց յօդուածներով` բացայայտելով արեւմտեան մի շարք երկրների, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի, Թուրքիայի  երկերեսանի քաղաքականութիւնը «Իսլամական պետութիւն» եւ կամ, այլ կերպ` ՏԱՀԵՇ կոչեցեալ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարում: Լրագրողական հետաքննութեան արդիւնքում, հիմք ընդունելով անժխտելի փաստերը, Կայթանճիեւան յանգել է այն եզրակացութեան, որ Արեւմուտքը, Միացեալ Նահանգների գլխաւորութեամբ, ոչ այնքան պայքար է մղում Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանում ծայր աստիճան աղէտալի դարձած այդ մահագոյժ չարիքի դէմ, որքան սկզբունքային պայքարի երեւութականութիւն է ստեղծում` նպաստելով նրա գոյութեանը եւ այն ի սպաս դնելով իր ինչպէս տարածաշրջանային, նոյնպէս եւ աշխարհաքաղաքական շահերին:

Թէ ինչո՛ւ, երեւի դժուար չէ կռահել` Արեւմուտքի մոգոնած «Արաբական գարուն»-ը, աննկարագրելի աւերածութիւններ գործելով հիւսիսափրիկեան եւ մերձաւորարեւելեան մի շարք երկրներում, տակաւին արեւմտեան քաղաքական օրակարգի առանցքային հարց է մնում եւ ներկայումս` արդէն քանի տարի է, ինչ փլատակների է վերածում Սիրիայի Արաբական Հանրապետութիւնը, փորձելով երբեմնի ծաղկուն այդ երկրում իբր թէ արեւմտեան ժողովրդավարութեան ներդրման պատրուակով, բայց իրականում միջհամայնքային կրօնական խառնակչութեան եւ արիւնահեղ  խառնաշփոթի միջոցով տապալել իր քմահաճ քիմքի համար անդուր դարձած նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութիւնը եւ փոխարինել նրան զուտ իր տնտեսական ու ռազմաքաղաքական շահերին անհամեմատ համապատասխանող մէկ այլ անձով: Սակայն դատելով երկրում ծաւալուած երկարամեայ քաղաքացիական պատերազմի ներկայ զարգացումներից` արեւմտեան արտադրութեան խոփը Սիրիայում քարին է դէմ ընկել: Բանն այն է, որ սիրիական ժողովրդի ողջախոհ մեծամասնութիւնը, համախմբուած լինելով գործող նախագահի շուրջը եւ իր թիկունքում ունենալով Ռուսաստանի համակողմանի աջակցութիւնը, երկիրը հետզհետէ մաքրում է ծայրայեղական, ինչպէս նաեւ, արեւմտեան բնորոշմամբ ասած, «չափաւոր ընդդիմութիւն» կոչուող, մինչդեռ ըստ էութեան` նոյնպէս  ահաբեկչական բնոյթի խմբաւորումներից:

Պուլկարացի լրագրողի հրապարակումներից պարզւում է, որ արմատական, ինչպէս նաեւ կարծեցեալ «չափաւոր» իսլամականները զէնք են ստանում արեւմտեան տասնհինգ յատուկ ծառայութիւններից: Գործում է սպառազինութեան մատակարարման մի ծաւալուն ու կուռ միջազգային համակարգ, որի մէջ ներգրաւուած են` Միացեալ Նահանգները, Մեծն Բրիտանիան, Ֆրանսան, Պուլկարիան, Թուրքիան, Անդրկովկասում` Ազրպէյճանը, հարաւ-արեւելքում` Աֆղանստանը եւ Փաքիստանը, Ծոցում` Սէուտական Արաբիան, Յորդանանը, Քաթարը, ափրիկեան մի շարք երկրներ: Ստեղծուած է բազմազգ մի յանցաւոր համադաշնակցութիւն, որն արեւմտեան երկրների զինապահեստներից ու գործարաններից մահաբեր բեռը գրեթէ ամէնօրեայ պարբերականութեամբ փոխադրում է «Արաբական գարուն»-ի հերթական զոհ դարձած այդ երկիր` Սիրիա, սպառազինելով հիմնականում այն նոյն ահաբեկչական խմբաւորմանը` ՏԱՀԵՇ-ին, որի դէմ իբր թէ կենաց ու մահու կռիւ են մղում արեւմտեան դաշնակից պետութիւնների միացեալ ուժերը: Յատկանշական է, որ եթէ զուտ թուաբանական մեթոտով հաշուարկելու լինենք, այսպէս կոչուած, «Իսլամական պետութեան» զինուած խմբաւորումների նիւթական, սարքաւորումների եւ մանաւանդ մարդկային կորուստները, որ դրանք կրում են արեւմտեան քոալիսիոնի զօրքերի, ինչպէս նաեւ ռուսական ռազմական օդուժի հարուածներից, եւ որոնց մասին ամէնօրեայ ամփոփագրեր են հրապարակւում մեզ համար արդէն սովորական դարձած քարոզչական ծնծղաների ներքոյ, ապա կարելի է այն պատկերացումն ունենալ, թէ արդէն գլխովին, ի սպառ ոչնչացուել են ՏԱՀԵՇ-ին անդամակցող ոչ միայն ներկայիս ահաբեկիչները, այլեւ նրանց դեռեւս չծնուած ժառանգները` մի քանի սերունդ շարունակ: Աւա՜ղ, Մերձաւոր Արեւելքի երկրներում եւ աշխարհում ամէնուրեք այդ դահիճների թուաքանակն օրաւուր աճում է` անձրեւից յետոյ համատարած գլուխ հանող սնկերի պէս: Արդեօք անզէն աչքով իսկ տեսանելի՞ չէ, որ եթէ Արեւմուտքը մի ձեռքով կարծես թէ «մահացու» խոցում է այդ խմբաւորումներին, ապա միւս ձեռքով, նախապէս զգուշացնելով, հեռացնում է նրանց իր իսկ հարուածների թիրախ դարձած ռազմական հաւաքակայաններից ու կրակակէտերից, գումարած դրան` իր զինապահեստներից մատակարարում է նոր, գերարդիական զինատեսակներ: Անձամբ ես դժուարանում եմ կասկածել, որ անգամ ռուսական ռազմական օդուժի շուրջ երկամեայ տեւողութեան հարուածների պարագայում ահաբեկիչներն ամէն անգամ էլ նախազգուշացւում են արեւմտեան յատուկ ծառայութիւնների կողմից, որոնք, անկասկած, քաջատեղեակ են այդ հարուածների թիրախների ու ժամկէտների տուեալներին, ինչի շնորհիւ եւ արմատական իսլամականներին մշտապէս յաջողւում է խուսափել քիչ թէ շատ շօշափելի կորուստներից:

Ու փոխանակ, այսպէս կոչուած «արդարամիտ, արդարադատ ու ժողովրդավար» Արեւմուտքը դատապարտի իր պետական եւ ոչ պետական կառոյցներին այդ, մեղմ ասած, օրինախախտ գործունէութեան համար, դատաստան է տեսնում մարդկութեան դէմ ուղղուած այդ յանցագործութիւնների սարդոստայնը բացայայտած շարքային լրագրողի հանդէպ` զրկելով նրան իր մասնագիտական աշխատանքից: Ու ստացւում է, ինչպէս հայ  մեծագոյն երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանը կ՛ասէր. սուլթանը ինչ-ինչ թերացման համար յոխորտում է իր կառավարութեան ղեկավար նազիր-վեզիրի վրայ, նազիր-վեզիրն իր հերթին դատափետում է կառավարութեան անդամ վեզիրին, իսկ վերջում նոյն այդ, այսպէս ասած, «մահացու մեղքի» համար գլխատւում է, կարող էք հարցնել` ո՞վ… Ի հարկէ, կարաւանի վերջին ուղտապանը: Եւ այդպիսով փակւում է կնճռոտ հանգոյցը եւ կամ, շախմատային եզրոյթով ասած, խաղն աւարտւում է պատային վիճակով:

Եւ, ահաւասիկ, ողբերգական հանգուցալուծմամբ այդ զաւեշտը նոյնութեամբ կրկնւում է մեր օրերում, գրեթէ մէկուկէս դար անց` օսմանեան Թուրքիայից շա՜տ ու շա՛տ աւելի քաղաքակիրթ ժամանակներում, 21-րդ դարի երկրորդ տասնամեակում. կարաւանի վերջին ուղտապանի ճակատագիրը բաժին է հասնում ընդամէնը շարքային լրագրողին, ով, ի տարբերութիւն իր բազմաթիւ գործընկերների, խիզախել է ժամանակից շուտ բացել բեմի վարագոյրը եւ առաջինը բացագանչել` «Այո՛, թագաւորը մերկ է»:

Եւ որ թագաւորն իրօք մերկ է, գիտեն կարծես թէ բոլորը, այդ թւում նաեւ հէնց ինքը` թագաւորը: Բայց պարզւում է` մեղսանքը ոչ այնքան նրա մերկ վիճակի մէջ է, որքան այդ մերկութիւնը կողքից բացայայտելու խիզախման մէջ, ինչի համար էլ հէնց պատժուել է Տիլեանա Կայթանճիեւան: Նրա` հետաքննող լրագրողի բացայայտմամբ, միայն «Մարիանն Տանիկա» բեռնափոխադրող նաւը, բեռնաւորուած լինելով զէնք ու զինամթերքով,  ամսական երկու ուղերթ է կատարում  պուլկարական Պուրկաս նաւահանգստից Սէուտական Արաբիայի Ճետտա նաւահանգիստ: Մասնաւորապէս, յայտնում է նա, այս տարուայ մարտի 28-ին «Մարիանն Տանիկա»-ն, բեռնուած լինելով տասնեակ թոների հասնող զէնք ու զինամթերքով, դանիական դրօշի ներքոյ դուրս է եկել Պուրկասից եւ ապրիլի 6-ին հասել Սէուտական թագաւորութեան ամենախոշոր նաւահանգիստ` Ճետտա: Նաւը բեռնաթափւում է 8 ժամուայ ընթացքում, եւ «Մարիանն Տանիկա»-ն իսկոյն եւեթ հակառակ ուղղութիւն է վերցնում` նաւարկելով դէպի Պուրկաս նաւահանգիստ:  Ուշագրաւ է, որ զէնքի այդ վիթխարի խմբաքանակներն ամենեւին էլ նախատեսուած չեն Սէուտական Արաբիայի համար, քանզի այդ երկրի զինուած ուժերը չեն կարող օգտագործել տուեալ զինատեսակները: Բանն այն է, որ թագաւորական բանակը զինուած է միայն արեւմտեան արտադրութեան սպառազինութեամբ:

Իսկ ահա անցեալ տարուայ դեկտեմբերին «Թրուտ» թերթի նոյն լրագրողն անձամբ  պուլկարական Վազովի մեքենաշինական «Սոփոթ» գործարանում թողարկուած զէնք է յայտնաբերել Սիրիայում` Հալէպ քաղաքի արեւելեան հատուածում տեղակայուած «Նուսրա» կոչուող ժիհատական ճակատի զինապահեստներում: Ինչպէս յայտնի է, «Նուսրա»-ն ՄԱԿ-ի կողմից բնութագրուել է որպէս ահաբեկչական խմբաւորում` հանրայայտ Քայիտայի հետ ունեցած սերտ կապերի պատճառով: Եւ ինչպէս ցոյց է տուել լրագրողական հետաքննութիւնը, չնայած այն հանգամանքին, որ Սիրիայում տեղի ունեցող քաղաքացիական պատերազմի պատճառով արգելանք է դրուած դէպի այդ երկիր սպառազինութեան արտահանման վրայ, այնուամենայնիւ, Պուլկարիայից առաքուած երկու միլիոն արկ եւ «Կրատ» կայանքի 4000 հրթիռ ընկել են Հալէպում գտնուող ժիհատականների ձեռքը:

Սիրիայի գործող իշխանութիւնների դէմ Միացեալ Նահանգների հովանու ներքոյ գործող, այսպէս կոչուած, Ազատ բանակի սպայ Մալիք Քարտիի հաղորդմամբ, որ նա կատարել է Տիանա Կայթանճիեւայի հետ հարցազրոյցում, անգամ Ազատ բանակը գրեթէ զրկուած է այդ մատակարարումներից եւ անչափ քիչ զէնք է

ստանում, քանզի այն մատակարարւում է առաւելապէս արմատական գաղափարախօսութեան ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորմանը:

Տիլեանա Կայթանճիեւան յիշեցնում է, որ 2016թ. արձանագրուել է օդային ուղիով 150 թոն «սպիտակ ֆոսֆորի» առաքում Սերպիայից եւ Պուլկարիայից Աֆղանստան: Վերալիցքաւորման համար  բեռնափոխադրող օդանաւը 4 ժամ կանգ է առել Պաքուի օդակայանում, ինչը, պուլկարացի լրագրողի խօսքով, միանգամայն հասկանալի կասկածանք է յարուցում: Բանն այն է, որ հէնց այդ ժամանակ Ազրպէյճանը Հայաստանին մեղադրում էր Լեռնային Ղարաբաղում ընթացող մարտերի ժամանակ իբր թէ  «սպիտակ ֆոսֆոր» կիրառելու մէջ:

Կարելի է համանման շատ այլ փաստեր բերել «Թրուտ» թերթի այդ հրապարակումներից, բայց, կարծում եմ, այդքանն էլ  բաւական է յստակ պատկերացնելու համար իրերի իսկական վիճակը: Ինչ վերաբերում է այդ յօդուածների հեղինակին մասնագիտական աշխատանքից ազատման խնդրին, ապա Տիլեանա Կայթանճիեւան հաւաստիացնում է, որ իրեն աշխատանքից հեռացնելու որոշման յետեւում կանգնած են Ազրպէյճանը եւ Իլհամ Ալիեւի վարչախումբը:

Կատարուածի մասին յայտնի դարձաւ  օգոստոսի 24-ին` Դիմատետրի իր էջում  նրա գրառումից: Ահա այն. «Այսօր` Սիրիայի ահաբեկիչներին մատակարարուող զէնքի վերաբերեալ իմ հետաքննած գաղտնի փաստաթղթերի առնչութեամբ Պուլկարիայի ազգային անվտանգութեան գործակալութիւնում հարցաքննութիւնից յետոյ, «Թրուտ Տէյլի» օրաթերթը` Սիրիա մեկնելուց եւ իմ աշխատանքը շարունակելուց ընդամէնը մի քանի օր առաջ ինձ հեռացրեց աշխատանքից»: Գրառմանը նա կցել էր նաեւ իր հետաքննական նիւթը` կասկած յայտնելով, որ այն կարող է հեռացուել «Թրուտ Տէյլի» օրաթերթի կայքից:

Ի լրումն Դիմատետրի այդ գրառման, «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեանը տուած իր բացառիկ հարցազրոյցում նա յայտնել է, որ Ազրպէյճանի կողմից ահաբեկիչներին դիւանագիտական չուերթների միջոցով զէնքի մատակարարման դէպքերը ներկայացնող յօդուածից յետոյ խնդիրներ է ունեցել: Ինչպէս յայտնի է, պուլկարացի լրագրողը «Թրուտ» թերթի յուլիսի 2-ի համարում հրապարակել է յօդուած` «350 դիւանագիտական չուերթներ` ահաբեկիչների համար զէնքով» վերնագրով: Պարբերականի այդ հրապարակումը խօսուն փաստեր եւ գաղտնազերծուած փաստաթղթերով յագեցած  մի աղմկայարոյց  հետաքննութիւն է, որը  բացայայտում է ազրպէյճանական պետական մարմինների, անձամբ նախագահի ընտանիքի  ուղղակի ներգրաւուածութիւնն «իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական  խմբաւորման եւ աշխարհի տարբեր ծայրերում գործող նրա  խմբերի զինման գործում: Յօդուածում անդրադարձ է կատարուած հիմնականում Ազրպէյճանի «Սիլք ուէյ էրլայնզ» պետական օդանաւային ընկերութեան կողմից դիւանագիտական բեռների քողի տակ Սիրիա, Իրաք, Աֆղանստան, Փաքիստան, Քոնկօ, Պուրքինա Ֆասօ, այլ երկրներ զէնք ու զինամթերքի անօրինական արտահանմանն ու վաճառքին: Յօդուածագիրը նշել էր, որ վերջին երեք տարուայ ընթացքում ազրպէյճանական ընկերութիւնը քողարկուել է դիւանագիտական ծխածածկոյթով` աշխարհի տարբեր թէժ կէտեր տասնեակ թոներ զէնք եւ զինամթերք ուղարկելու համար: Այդ զինատեսակների մեծ մասն օգտագործուել է ահաբեկչական կազմակերպութիւնների կողմից: Նա նշել է նաեւ, որ Ազրպէյճանի տեղափոխած զէնքի մի մասը կարող է օգտագործուած լինել Լեռնային Ղարաբաղում:

Իր այդ հարցազրոյցում լրագրողը պատմում է Պուլկարիայի ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն իրեն կանչելու եւ այնտեղ հարցաքննելու, մի քանի ժամ անց թերթի խմբագրութիւնում աշխատանքից առանց որեւէ բացատրութեան ազատելու հանգամանքների մասին:  Նրա համոզմամբ, «Այս ամէնի յետեւում կանգնած են ազդեցիկ դէմքեր, եւ` ոչ միայն Պուլկարիայում: Այս հարցը անձնական չէ, այլ վերաբերում է Ազրպէյճանին, որն իր պետական օդանաւային ընկերութեան միջոցով զէնք է մատակարարում ահաբեկիչներին եւ այն երկրներին, որոնք ներգրաւուած են մատակարարման շղթայի մէջ»: Պարզւում է, որ Պուլկարիայում Ազրպէյճանի դեսպանատան կողմից ազրպէյճանական «Սիլք ուէյ էրլայնզ» օդանաւային ընկերութեան միջոցով ահաբեկիչներին զէնքի մատակարարման փաստը մերկացնող նիւթից յետոյ, դեսպանատունը խնդրել էր հետաքննել դէպքի հանգամանքները: Այդ նիւթի հրապարակումից յետոյ Ազրպէյճանի դեսպանատունը բողոք ներկայացրեց` նշելով, որ յօդուածն ուղղուած է իր երկրի դէմ: Այո՛, ասում է Կայթանճիեւան,  դա ուղղուած է, ինչպէս իրենց, այնպէս էլ դրանում ներգրաւուած միւսների դէմ:

Սակայն, ինչպէս հաւաստիացնում է Տիլեանա Կայթանճիեւան, ոչ ոք եւ ոչինչ չի կարող կանգնեցնել իրեն, քանզի ինքն այլեւս ոչինչ չունի կորցնելու, ուստի եւ շարունակելու է անել այն, ինչ անում էր մինչ այդ, այսինքն` նոր բացայայտումներ հանել ջրի երես: Այդ թւում` ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորմանը Պաքուից կատարուող զէնք ու զինամթերքի մատակարարումների մասին: Հաւաստիացնում եմ, ասում է նա, որ Ազրպէյճանը միջամտում է Պուլկարիայի ներքին գործերին: Այն, ինչ պատահեց ինձ հետ, առաջին դէպքը չէր. ես ո՛չ առաջինն եմ, ո՛չ էլ վերջինը:

Կայթանճիեւան համոզուած է, որ Ազրպէյճանի կողմից իրականացուող միջազգային յանցագործութիւնները պէտք է հետաքննուեն ՄԱԿ-ի կողմից: Նրա խօսքով. «Ազրպէյճանական իշխանութիւնները պէտք է միջազգային իրաւունքով պատասխանատուութեան ենթարկուեն: Ես ունեմ բազմաթիւ տեսանիւթեր եւ ապացոյցներ, որ ազրպէյճանական պետական օդանաւային ընկերութեան կողմից մատակարարուած զէնքով Սիրիայում սպաննւում են անմեղ քաղաքացիներ»: Հետաքննող լրագրողը միեւնոյն ժամանակ նշում է, որ  բացի զանազան ճնշումներից, որոնք Ազրպէյճանը կիրառում է խօսքի ազատութիւնը սահմանափակելու նպատակով, լայնօրէն կիրառւում է նաեւ կաշառքը: Այդ ճանապարհով նրանք պուլկարական մի շարք զանգուածային լրատուամիջոցներում պատուիրում են իրենց դրական լոյսի ներքոյ ներկայացնող յօդուածներ եւ լռեցնում անցանկալի ձայները:

Հարկ է նշել, որ, ինչպէս տեղեկացնում է «Արմէնփրես»-ը,  ի լրումն այդ հետաքննութեան, լրատուական գործակալութիւնը նոյնպէս համացանցում բաց հասանելիութեան փաստաթղթերի ուսումնասիրութեան շնորհիւ  աղմկայարոյց փաստեր է բացայայտել Պուլկարիայում Ազրպէյճանի դեսպանութեան գործունէութեան առնչութեամբ: Արձանագրուել են ճնշումներ անգամ իրենց մասնագիտական գործունէութիւնը ծաւալող` Պուլկարիայի այլ քաղաքացիների նկատմամբ: Ազրպէյճանի դեսպանը նոյնիսկ Պուլկարիայի Լրագրողների միութիւնից պահանջել է սառեցնել հանրայայտ լրագրող Ցվեթանա Փասքալեւայի անդամակցութիւնը, ինչպէս նաեւ` խոչընդոտել այդ երկրում օրինականօրէն գործունէութիւն ծաւալող ՀԲԸՄ Պուլկարիայի մասնաճիւղի միջոցառումներին: Իսկ ահա դրանից շաբաթներ առաջ պարզ էր դարձել, որ մասնաճիւղի երիտասարդական միութեան նախագահ Հայկ Կարապետեանը, դեռեւս չբացայայտուած հանգամանքներում, ստիպած է եղել թողնել Փլովտիվի ազգային եւ համարկման հարցերով զբաղուող խորհրդի անդամի պաշտօնը: Պաշտօնաթողութեան պատճառը, ըստ «Արմէնփրես»-ի տեղեկութիւնների, եղել է ազրպէյճանական կողմի միջամտութիւնը եւ այն, որ Պուլկարիայի պատկան մարմինները, երկրի քաղաքացու իրաւունքները պաշտպանելու փոխարէն, տեղի են տուել տարատեսակ ճնշումների:

Պաքուի միջամտութեամբ, այո՛, պուլկարական իշխանութիւններն աշխատանքից ազատեցին ազատախոհ ու խիզախ լրագրողուհուն` Տիլեանա Կայթանճիեւային: Բայց, արդեօք, դա նշանակո՞ւմ է, թէ, այսպէս ասած, մախաթն ի վերջոյ թաքցուեց պարկի մէջ:  Հազիւ թէ: Պուլկարացի մեր խիզախ գործընկերուհու բացայայտումները, ի հեճուկս ՏԱՀԵՇ-ի առնչութեամբ երկերեսանի քաղաքականութիւն վարող արեւմտեան տէրութիւնների, այնուամենայնիւ, կատարել են իրենց առաքելութիւնը` լայն արձագանգ գտնելով միջազգային լրատուամիջոցներում:

 

 

Յատուկ «Ազդակ»-ի համար

Արցախ

Viewing all 12115 articles
Browse latest View live