Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12041 articles
Browse latest View live

Մկր­տիչ ­Փոր­թու­գա­լեան (1848-1921). ­Հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին յա­ռա­ջա­պահ սերմ­նա­ցա­նը

0
0

Ն.Պ.

9 ­Հոկ­տեմ­բե­րի, 169 տա­րի ա­ռաջ, հա­յոց աշ­խար­հը բախ­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ ծնուն­դո­վը Մկր­տիչ ­Փոր­թու­գա­լեա­նի, որ կո­չո­ւած էր՝ իր յե­ղա­փո­խա­կան գա­ղա­փար­նե­րով ու ան­սա­կարկ անձ­նո­ւի­րու­մի օ­րի­նա­կով, մեծ ներդ­րում ու­նե­նա­լու նոր ժա­մա­նակ­նե­րու հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին շղթա­յա­զերծ­ման մէջ։

Թէեւ մաս­նա­ւո­րա­բար հայ ազ­գա­յին կու­սակ­ցու­թեանց նա­խա­կա­րա­պե­տին՝ Ար­մե­նա­կան կու­սակ­ցու­թեան ստեղ­ծու­մին կա­պո­ւե­ցաւ իր ա­նու­նը, այ­սու­հան­դերձ՝ Մկր­տիչ ­Փոր­թու­գա­լեան ար­ժա­նա­ցաւ ընդ­հան­րա­պէս հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան յա­ռա­ջա­պահ դրօ­շա­կի­րի բարձր պա­տո­ւան­դա­նին։

Յատ­կա­պէս ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր սե­րուն­դը ըստ ար­ժան­ւոյն մե­ծա­րեց Մ. ­Փոր­թու­գա­լեա­նի դերն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան յե­ղա­փո­խա­կան զար­թօն­քին ո­գե­ւոր­ման մէջ։
Մկր­տիչ ­Փոր­թու­գա­լեան պոլ­սե­ցի էր, ծնած էր ­Գում ­Գա­բու։

Հայ­րը սե­ղա­նա­ւոր մարդ էր, բայց ի տար­բե­րու­թիւն ժա­մա­նա­կի սե­ղա­նա­ւոր­նե­րու մեծ մա­սին՝ յա­տուկ հո­գա­ծու­թիւն ու­նէր հայ մշա­կոյ­թին ու գրա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ։ Պա­տա­նի ­Փոր­թու­գա­լեա­նի ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան կազ­մա­ւոր­ման մէջ վճռո­րոշ դեր ու­նե­ցաւ իր հօր գրա­դա­րա­նը։

Յա­ճա­խեց ­Գում ­Գա­բո­ւի ­Մայր վար­ժա­րա­նը, որ այդ շրջա­նին նաեւ իբ­րեւ ժո­ղո­վա­տե­ղի կը ծա­ռա­յէր ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը մշա­կող պատ­րիար­քա­րա­նի յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րուն։ 1860ա­կան­նե­րու սահ­մա­նադ­րա­կան եւ հա­կա-սահ­մա­նադ­րա­կան բուռն պայ­քա­րի օ­րե­րուն, ­Գում ­Գա­փո­ւի ­Մայր վար­ժա­րա­նը ին­կաւ ա­մի­րա­յա­կան՝ հա­կա-սահ­մա­նադ­րա­կան շրջա­նակ­նե­րուն ձեռ­քը եւ պա­տա­նի ­Փոր­թու­գա­լեան, հա­մակ­րան­քով հա­կո­ւած ըլ­լա­լով սահ­մա­նադ­րա­կան­նե­րուն կող­մը, նա­խընտ­րեց իր դպրո­ցը փո­խել եւ յա­ճա­խել սահ­մա­նադ­րա­կան­նե­րու ազ­դե­ցու­թեան տակ գտնո­ւող ­Սա­մա­թիոյ ­Սա­հա­կեան վար­ժա­րա­նը։

1859ին կորսն­ցուց հայ­րը, իսկ 1865ին՝ մայ­րը։ Որ­բա­ցած՝ հա­զիւ ­Սա­հա­կեան վար­ժա­րա­նէն շրջա­նա­ւարտ, 1867ին նե­տո­ւե­ցաւ կեան­քի աս­պա­րէզ։ ­Կարճ ժա­մա­նակ մը գրա­վա­ճառ-թեր­թա­վա­ճա­ռի մօտ աշ­խա­տե­ցաւ, բայց կ­ÿու­զէր ու­սուց­չու­թեան նո­ւի­րո­ւիլ։ Սկ­սաւ հա­րուստ հա­յե­րու զա­ւակ­նե­րուն մաս­նա­ւոր դա­սեր տալ։ Եւ երբ ­Պո­լիս ապ­րող եւ­դո­կիա­ցի­նե­րը ի­րենց ծննդա­վայ­րի դպրո­ցին հա­մար յար­մար ու­սու­ցիչ մը կը փնտռէին եւ իբ­րեւ այդ­պի­սին մօ­տե­ցան ­Փոր­թու­գա­լեա­նի, ան բնաւ չվա­րա­նե­ցաւ եւ տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ Եւ­դո­կիա:

Բայց Եւ­դո­կիա ուղ­ղա­կի ա­ղա­յա­կան մտայ­նու­թեանց բոյն էր եւ Մկր­տիչ Փոր­թու­գա­լեա­նի նման լու­սա­միտ ու­սու­ցիչ մը շատ շու­տով յայտ­նո­ւե­ցաւ բուռն բա­խում­նե­րու կի­զա­կէ­տին։ Այդ­պէ՛ս, ­Փոր­թու­գա­լեա­նի ու­սուց­չա­կան եր­կա­րա­մեայ աս­պա­րէ­զը, ա­ռա­ջին այդ հանգ­րո­ւա­նէն սկսեալ, յատ­կան­շո­ւե­ցաւ մէկ կող­մէ Փոր­թու­գա­լեա­նի կա­տա­րած բա­րե­կար­գում­նե­րով, իսկ միւս կող­մէ՝ ա­ղա­յա­կան խա­ւե­րու կող­մէ իր դէմ ծա­ւա­լած հա­լա­ծան­քով եւ կա­ռա­վա­րու­թեան մօտ ­Փոր­թու­գա­լեա­նի հաս­ցէին, իր­բեւ յե­ղա­փո­խա­կա­նի, կա­տա­րո­ւած տա­րաբ­նոյթ ամ­բաս­տա­նու­թիւն­նե­րով։

Թէեւ այդ օ­րե­րուն ­Պոլ­սոյ հա­յոց պատ­րիարք ընտ­րո­ւած Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կը ուղ­ղա­կի իր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ ա­ռաւ հա­յու­թեան լու­սա­ւո­րու­մին ան­սա­կարկ ծա­ռա­յող անձ­նո­ւէր ու­սու­ցի­չին, այ­սու­հան­դերձ՝ խա­ւա­րա­միտ տար­րին ճնշու­մը շատ ու­ժեղ էր եւ Փոր­թու­գա­լեան կան­չո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս։

1874ին Խ­րի­մեան հրա­ժա­րե­ցաւ պատ­րիար­քի ա­թո­ռէն եւ ­Ներ­սէս ­Վար­ժա­պե­տեան յա­ջոր­դեց ա­նոր։

Վար­ժա­պե­տեան ­Պատ­րիարք եւս դրա­կան կար­ծիք ու­նէր ե­րի­տա­սարդ ­Փոր­թու­գա­լեա­նի մա­սին, որ այդ օ­րե­րուն ստանձ­նած էր «Ա­սիա» թեր­թին խմբագ­րու­թիւ­նը եւ գա­ղա­փա­րա­կան բուռն պայ­քար կը մղէր հայ պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թեան դէմ։ Փոր­թու­գա­լեան դար­ձեալ ին­կաւ հա­կա­հա­րո­ւա­ծի տակ եւ այն աս­տի­ճան, որ ­Ներ­սէս Վար­ժա­պե­տեան ­Պատ­րիարք իր մօտ կան­չեց եւ խոր­հուրդ տո­ւաւ ա­նոր, որ ա­ւե­լի զուսպ ըլ­լայ։
Բայց ­Փոր­թու­գա­լեան գտած էր իր ու­ղին եւ անդուե­լի մնաց։ ­Պահ­պա­նո­ղակն­նե­րու պա­հան­ջին ան­սա­լով՝ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը փա­կեց ինչ­պէս ­Փոր­թու­գա­լեա­նի «Ա­սիա»ն, նոյն­պէս եւ ­Պա­րո­նեա­նի «­Թատ­րոն»ը։
Փոր­թու­գա­լեան վերջ­նա­կա­նա­պէս յոյ­սը կտրեց ­Պո­լի­սէն եւ նա­խընտ­րեց եր­թալ գա­ւառ­նե­րը, ուր բուն ժո­ղո­վուր­դը կ­ÿապ­րէր՝ եր­կու կրա­կի մէջ ին­կած. մէկ կող­մէ օս­մա­նեան կե­ղե­քում­նե­րը, իսկ միւս կող­մէ պահ­պա­նո­ղա­կան­նե­րու ճնշում­նե­րը անշն­չե­լի կա­ցու­թեան մատ­նած էին գա­ւառ­նե­րու հա­յու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը։

Փոր­թու­գա­լեան ա­միս­ներ տե­ւող շրջա­գա­յու­թիւն մը կա­տա­րեց հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րուն մէջ։ ­Հուսկ՝ հա­սաւ մին­չեւ ­Թիֆ­լիս, «Մ­շակ»ի խմբա­գիր Գ­րի­գոր Արծ­րու­նիի հետ մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու եւ գոր­ծակ­ցու­թեան հի­մեր դնե­լու հա­մար՝ ի խնդիր երկ­րի տա­րած­քին հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու բաց­ման ու գա­ւա­ռի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան զար­թօն­քին։ ­Նոյն մի­ջո­ցին եւ նոյն ճամ­բով էր, նաեւ, որ Մկր­տիչ ­Փոր­թու­գա­լեա­նի եւ Ար­փիար Ար­փիա­րեա­նի մի­ջեւ սկսաւ սերտ գոր­ծակ­ցու­թիւն մը։

Արծ­րու­նիի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լէ ետք, 1870ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն, Փոր­թու­գա­լեան հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Վան՝ իբ­րեւ տեղ­ւոյն նո­րա­բաց ­Վար­ժա­պե­տա­նո­ցի ու­սու­ցիչ։ ­Շուրջ չորս տա­րի ան­նա­խըն­թաց ո­գե­ւո­րու­թիւն ա­ռա­ջաց­նող գործ կա­տա­րեց Փոր­թու­գա­լեան։

Այդ շրջա­նին Խ­րի­մեան ­Հայ­րիկ իր կար­գին վե­րա­դար­ձած էր ­Վա­րա­գայ վանք՝ կրթա­կան ընդ­հա­նուր շարժ­ման թա­փը ու­ժե­ղաց­նե­լով։ ­Նաեւ ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մին եւ Պեր­լի­նի ­Դաշ­նագ­րին հե­տե­ւող ե­ռե­ւե­փու­մի ժա­մա­նա­կաշր­ջանն էր, ինչ որ Փոր­թու­գա­լեա­նին առ­ջեւ լայն բա­ցաւ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի իր գա­ղա­փար­նե­րը ա­ւե­լի յան­դուգն կեր­պով տա­րա­ծե­լու աս­պա­րէ­զը։

Փոր­թու­գա­լեան բա­ռին բուն ի­մաս­տով ոտ­քի հա­նեց ­Վա­նի ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը։ ­Թէեւ պահ­պա­նո­ղա­կան շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ դար­ձեալ պե­տու­թեան մօտ ամ­բաս­տա­նո­ւե­ցաւ իբ­րեւ յե­ղա­փո­խա­կան գա­ղա­փար­նե­րու քա­րո­զի­չի, այ­սու­հան­դերձ՝ Փոր­թու­գա­լեան այ­լեւս տե­ղի տո­ւո­ղը չէր։ ­Նոյ­նիսկ երբ ­Վար­ժա­պե­տա­նո­ցը փա­կել տո­ւին, ­Փոր­թու­գա­լեան զօ­րա­կից­ներ գտաւ, որ­պէս­զի ա­նոնց օգ­նու­թեամբ իր սե­փա­կան դպրո­ցը՝ ­Վա­նի ­Կեդ­րո­նա­կա­նը հիմ­նէ եւ յա­ւե­լեալ խի­զա­խու­թեամբ շա­րու­նա­կէ նո­րա­հաս սե­րուն­դի գա­ղա­փա­րա­կան ո­գե­ւոր­ման գոր­ծը։

Բայց այս ան­գամ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կարծ­րու­թեամբ մի­ջամ­տեց եւ 1885ին ուղ­ղա­կի Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թե­նէն դուրս՝ ­Մար­սէյլ աք­սո­րեց ­Վա­նի յե­ղա­փո­խա­կան շունչն ու ո­գին դար­ձած ­Փոր­թու­գա­լեա­նին։ Ան հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Մար­սէյլ, հիմ­նեց «Ար­մե­նիա» թեր­թը եւ ամ­բող­ջա­կան նո­ւի­րու­մով փա­րե­ցաւ ա­նոր մի­ջո­ցաւ հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան կրա­կը բո­լո­րին հասց­նե­լու աշ­խա­տան­քին։
Նոյն տա­րին, ­Վան մնա­ցած իր հե­տե­ւորդ­նե­րուն հետ, ­Փոր­թու­գա­լեան հիմ­նեց «Ար­մե­նա­կան» կու­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րուն գա­ղա­փա­րա­կան հու­նա­ւոր­ման ծա­ռա­յե­ցուց իր թերթն ու գրի­չը։
Մին­չեւ 1921ի իր վախ­ճա­նը, ­Փոր­թու­գա­լեան հա­ւա­տա­րիմ մնաց հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի կրա­կը ամ­բողջ աշ­խար­հի հա­յու­թեան հասց­նե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան։

Թէեւ «Ար­մե­նա­կան» կու­սակ­ցու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս իր տե­ղը զի­ջե­ցաւ նախ հնչա­կեան­նե­րու եւ, ա­պա, դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րու յե­ղա­փո­խա­կան յան­դուգն մա­կըն­թա­ցու­թեան առ­ջեւ, այ­սու­հան­դերձ՝ Մկր­տիչ ­Փոր­ծու­գա­լեա­նի ցա­նած սեր­մե­րը ի­րենց պտու­ղը տո­ւին եւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մը քա­ղա­քա­կան ու կազ­մա­կեր­պա­կան ոս­տում կա­տա­րեց։

Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի յա­ռա­ջա­պահ դրօ­շա­կի­րին ծննդեան տա­րե­դար­ձին նո­ւի­րո­ւած յու­շա­տետ­րի այս հա­կիրճ ակ­նար­կը կ­’ար­ժէ ա­ւար­տել Հ.Յ.Դ. ա­ռա­ջին սե­րուն­դի ա­կա­նա­ւոր դէմ­քե­րէն քա­ղո­ւած վկա­յու­թիւն­նե­րով.

Ա. ՎՌԱՄԵԱՆ.- Կ’անց­նին տա­րի­ներ, երբ այ­սօ­րո­ւան կիր­քե­րը վա­ղո՜ւց գե­րեզ­ման մտած կը լի­նեն օ­րո­ւան «խեն­թե­րուն» ու «խե­լօք­նե­րուն» հետ, երբ ժա­մա­նա­կա­կից դէպ­քե­րը բա­ժին կը դառ­նան ա­նա­չառ պատ­մու­թեան, երբ կը ստեղ­ծո­ւի ­Հայ Ազգ մը իր ար­մատ­նե­րուն վրայ՝ գի­տա­կից եւ տէր իր ճա­կա­տագ­րին,- այն ա­տեն է, որ պի­տի ճշդո­ւի ըն­կե­րա­բա­նա­կան դե­րը այն մեծ ու հզօր, զոր կա­տա­րեց ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը այդ կազ­մա­ւո­րու­մին մէջ։ Այն ա­տեն է, որ պի­տի գնա­հա­տո­ւի ազգ կեր­տող­նե­րու ար­դէն շի­ջած այդ սե­րուն­դը, ո­րուն մէջ եւ ­Փոր­թու­գա­լեան։

«Այ­սօր, ող­ջու­նենք սրտա­գին մեր ­Վե­թե­րան սերմ­նա­ցա­նը, ող­ջու­նենք ա­նոր դար­ձը հայ­րե­նի հո­ղին վրայ։

«Ա­նոր ա­լե­ւոր մա­զե­րուն վրայ Արծ­րու­նեաց ա­ւե­րակ­նե­րուն փո­շին է, որ կը ճերմ­կի, բայց ա­կանջ տանք ա­նոր սրտին — հոն ան­շէջ կը պլպլայ հա­ւատ­քը, որ սրտատ­րոփ կը սպա­սէ… Մ­հե­րի դրան բա­ցուե­լուն։
«Ող­ջո՜յն ա­նոր, զոր հա­ւատ­քը չլքեց եւ ո­րուն քայ­լե­րուն կամ­քը ա­ռաջ­նոր­դեց»։

ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ.- «Ես իմ պարտքս կա­տա­րե­ցի»։

Մ. ­Փոր­թու­գա­լեան կրնայ ը­սել այդ խօս­քը բարձ­րա­ճա­կատ ու հա­մար­ձակ։
Նոր ­Հա­յաս­տան մը կայ այ­սօր ստեղ­ծո­ւած, որ աշ­խար­հագ­րա­կան եւ հո­ղա­յին տա­րա­ծու­թիւն մը չէ, այլ գի­տակ­ցու­թիւն մը մեր ժո­ղո­վուր­դին մէջ.- ­Գի­տակ­ցու­թիւն իր ազ­գա­յին ճա­կա­տագ­րին եւ ազ­գա­յին ի­տէա­լին։

Նոր ­Հա­յաս­տան մը, ինք­նավս­տահ ու ա­զա­տա­տենչ, ե­րէ­կի գետ­նա­մած, ոտ­նա­կոխ եւ ար­հա­մար­հո­ւած ­Հա­յաս­տա­նին տեղ, որ իր տե­ղը կը ջա­նայ գրա­ւել, մա­քա­ռու­մով ու ճի­գով, ինչ­պէս սոր­վե­ցու­ցին ի­րեն իր պայ­քա­րի զա­ւակ­նե­րը, ո­մանք փառ­քի ճամ­բուն վրայ, ու­րիշ­ներ բախ­տա­ւոր, ինչ­պէս ինքն է՝ ծե­րու­նի գոր­ծի­չը, ի­րենց աչ­քե­րովն իսկ տես­նե­լու այ­սօ­րո­ւան հունձքն ի­րենց գա­ղա­փա­րա­կան սերմ­նա­ցա­նին։
Նա­խորդ սե­րուն­դի պայ­քա­րող­նե­րը մե­զի սոր­վե­ցու­ցին ե­րա­զել ու մա­քա­ռիլ. մե­զի տո­ւին ազ­գա­յին ի­տէա­լը։

Մկր­տիչ ­Փոր­թու­գա­լեան ա­ռա­ջին գծին վրայ կը կանգ­նի թրքա­հայ հա­տըն­տիր պայ­քա­րող­նե­րու այդ սե­րուն­դին մէջ, ո­րուն առ­ջեւ ա­մէնքս, ա­ռանց մտած­ման ու գա­ղա­փա­րի տար­բե­րու­թեան, պար­տա­ւոր ենք ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ բա­նալ մեր գլու­խը։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՇԱՀՐԻԿԵԱՆ.- «Ինձ թւում է, թէ 1875-1885 թո­ւա­կան­նե­րի թրքա­հայ սե­րուն­դի այն փոք­րա­թիւ մա­սը, որ նո­ւի­րո­ւել է հա­սա­րա­կա­կան դա­տին եւ գնաց միա­նա­լու ե­րեք յե­ղա­փո­խա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րից մէկն ու մէ­կին, ան­պայ­ման կրել է Փոր­թու­գա­լեա­նի ու նրա «­Հա­ւա­տամք»ի սկզբնա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը։ Ա­ւե­լի՛ն կ­’ա­սեմ. Փոր­թու­գա­լեան մե­նա­կը ե­ղաւ թրքա­հա­յոց մէջ եւ մե­նա­կը մնաց իբ­րեւ հիմ­նա­դիր ու կազ­մա­կեր­պիչ ըմ­բոս­տաց­ման՝ ընդ­դէմ բռնա­տի­րու­թեան։

«Եւ իբ­րեւ այդ­պի­սին եմ տես­նում նրա մե­ծու­թիւնն ու ար­ժա­նի­քը, եւ իբ­րեւ այդ­պի­սին եմ բե­րում նրան իմ ակ­նա­ծան­քի եւ յար­գան­քի հա­ւաս­տի­քը»։

 


Ակնարկ. Վերահսկել Ազատ Շուկայականութիւնը

0
0

Լիբանանը դժուար հանգոյցներու լուծման հերթական արարն է, որ կ՛ապրի: Պահանջներ, քննարկումներ, առկախումներ, Սահմանադրական դատարանի դիմում, կասեցում եւ ընթացակարգի վերամեկնարկ` այս բոլորը ոդիսական ուղեւորութիւններու տպաւորութիւնը կը ձգեն, այնուամենայնիւ ժողովրդավարական հասարակարգերու մէջ խաղի ընդունուած կանոններ են: Կարեւորը այն է, որ Լիբանանի պարագային կը յարգուին պետական հաստատութիւնները, եւ ամէն մէկը իր գործառոյթը կատարելու դերին մէջ է: Կառավարութեան ծրագիր, խորհրդարանական վաւերացում, նախագահական ստորագրութիւն, կայացում եւ ուժի մէջ մտնելու փուլի ամրագրում:

Անկախ այն իրողութենէն, որ ժողովրդավարական այս մշակոյթը արաբական միակ երկրին մէջ կայանալու փաստը կը փոխանցէ, կարեւոր է նաեւ այն դիտարկումը, որ, այո՛, իրողապէս լիբանանեան պետական հաստատութիւնները ստանձնած են սահմանադրական իրենց գործառոյթները եւ  կ՛աշխատին օգտագործելով իրենց բոլոր լիազօրութիւնները:

Պետական մշակոյթի վերակայացման այս փուլը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի այս երկրին համար, որ վաղուց արգելակումներու, առկախումներու եւ պետական հաստատութիւններու անդամալուծման, լճացումի շրջաններ բոլորելու աւանդութիւն վաստկած էր:

Հիմա կարեւորը ընթացակարգերուն բանիլն է: Թէկուզ որոշ դժուարութիւններով, այնուամենայնիւ գործունեայ մնալով: Զուգահեռ նաեւ հասարակութեան բողոքի ելոյթները, գործադուլի դրսեւորումները եւս ո՛չ միայն կ՛ընթանան ժողովրդավարութեան սահմանած օրինական դաշտի իրաւադրոյթներուն համապատասխան, այլ նաեւ հասարակութեան զգայուն ջիղը վառ պահելու կը միտին, ինչ որ քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման  առաջադրանքին զուգահեռ կը նպաստէ նաեւ պետականութեան կամ առհասարակ պետութիւն-հասարակութիւն անջրպետի գոյառման չէզոքացումին:

Տուրքերու բարեփոխուած օրինագիծը փաստօրէն այս բոլոր համակողմանի քննարկումներուն, հասարակութեան պահանջներուն ընդհանուր բանաձեւն է: Սակայն երկար քաշքշուքներէ ետք այս օրէնքի որդեգրումը պէտք է հաշուի նստի հաւանական հետեւանքներուն հետ, եւ ըստ այնմ կառավարութիւնը վարէ սղաճի զսպման քաղաքականութիւն:

Որեւէ յաւելում, եթէ պիտի ընկերակցի սղաճի  անվերահսկելի ոստումներով, ապա այդ պարագային ո՛չ միայն անիմաստ կը դառնան այս բոլորը գետնի վրայ, այլ նաեւ ծանր հարուած կը հասցնեն անոնց, որոնք յաւելումի օրէնքի կիրարկման շրջանակէն դուրս են:

Որդեգրուած յաւելումներու բերումով ապահովուած աշխատավարձին դիմաց եթէ համարժէք չեն սղաճի կամայական ոստումները, ապա այդ բոլորը օրէնքը իմաստազրկելէն առաջ եւ անկէ ետք կը հեղինակազրկեն նոյնինքն պետական այն հաստատութիւնները, որոնք առաջադրուած ընթացակարգը երկար բացակայութենէ ետք յաջողեցան ապահովել երկրին:

Նման անվերահսկելի ազատ շուկայական յարաբերութիւնները, գին ճշդելու դրամատիրական կամայականութիւնը յաւելեալ տնտեսական ճգնաժամի կ՛առաջնորդէ լիբանանեան քաղաքացիութիւնը, որուն ուղղութեամբ հետզհետէ սուր թափով կը սպառնայ արդէն իսկ հարուստ ընկերային-տնտեսական թղթածրարը:

Հակազդեցութիւններու շղթան այլապէս փոխկապակցուած է: Սահմանափակ եկամուտ, բազմապատկուող սղաճ, անվճարունակութեան համապատկեր, գործազրկութեան նոր մրցանշային թիւեր եւ մասամբ առողջութեան ընթացքը բռնած պետութեան դիմաց կրնան պարզել հետզհետէ աւելի հիւանդ հասարակութիւն մը:

Մինչդեռ, պետութիւն-հասարակութիւն ներդաշնակ զարգացման ուղին է միայն, որ փոխադարձաբար կ՛օժանդակէ միջազգային, տարածաշրջանային եւ լիբանանեան մարտահրաւէրները դիմագրաւելու հրամայականի իրագործման:

Նոր փորձաքար է. աւելի ճիշդը փորձաքարերու շարքին նորագոյնը: Յաւելումներուն եւ անոնց գործադրելիութեան համար տուրքերու բարեփոխուած օրինագիծի ընդունման պէտք է հետեւին անպայման վայրագ դրամատիրութիւնը սանձելու համապատասխան գործողութիւններու որդեգրման որոշումները:

«Ա.»

Երկրի Տնտեսական Զարգացման ՀՅԴ Հայեցակարգային Ուղենիշները*

0
0

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ
ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ

Նպատակը`

Շրջափակման եւ դէպի ծով ելք չունենալու պայմաններում ապահովել Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսական անվտանգութիւնը, կայուն եւ առաջանցիկ զարգացումը

Այս նպատակին համապատասխանող տնտեսակարգի հիմնական սկզբունքներն ու մօտեցումները

ՀՀ տնտեսական կարգի հիմքը սահմանադրութեան 11-րդ յօդուածով ամրագրուած ընկերային շուկայական տնտեսութիւնն է:

Դաշնակցութիւնը, լինելով ընկերային-դեմոկրտական արժէքներով առաջնորդուող կուսակցութիւն, նախ եւ առաջ պէտք է այդ գաղափարախօսութեան տեսանկիւնից յստակեցնի իր պատկերացումը ընկերային շուկայական տնտեսութեան վերաբերեալ: Ըստ այդմ, սահմանադրութեան 11-րդ յօդուածի պահանջներին համապատասխան, հիմնուելով մասնաւոր սեփականութեան, տնտեսական մրցակցութեան վրայ, անհրաժեշտ է առաջարկել այնպիսի պետական քաղաքականութեան հայեցակարգ, որը առաւելագոյնս կ՛ապահովի ընդհանուր տնտեսական բարեկեցութիւնը, ընկերային արդարութիւնը եւ համահունչ կը լինի դրուած վերոնշեալ նպատակին:

Այսպիսի հայեցակարգի առկայութիւնը կը խթանի օգտակար եւ առարկայական բանավէճ ընկերային-դեմոկրատական արժէքներով չառաջնորդուող եւ դասական այլ գաղափարախօսութեան կողմնակից  քաղաքական ուժերի հետ:

Առ այդ, ընկերային-դեմոկրատական արժեհամակարգից բխող եւ բերուած նպատակին ծառայող մեր հիմնական կռուաններն ու հաստատումներն ըստ իս հետեւեալն են.

ա.- Ազգային եւ ընկերային պետութեան հիմքը համերաշխութիւնը, արդարութիւնն ու ազատութիւնն են: Տնտեսական համակարգը պէտք է, ամրապնդելով այս հիմքը, առաջացնի զարգացման նոր հնարաւորութիւններ:

Ներազգային համերաշխութեան, արդարութեան եւ ազատութեան գաղափարների համադրումով ու փոխլրացմամբ համազգային ներուժի բազմապատկման աղբիւրը հանրային եկամուտների ու բարիքների ստեղծման ազատութեան եւ դրանց բաշխման արդարութեան մէջ է:

Աւելի՛ն. հասարկութեան մէջ այդ բարիքների սպառման անարդար համամասնութիւնների առաջացումը տնտեսութեան կայուն զարգացման գլխաւոր սպառնալիքն է:

բ.- Տնտեսական զարգացման հայեցակարգը, ի տարբերութիւն ազատական մօտեցումների, յենւում է ոչ թէ «առաջարկի», այլ «պահանջարկի» խրախուսման սկզբունքի վրայ: Քանզի առաջարկը մարդկանց պահանջարկը բաւարարելու համար է, այլ ոչ թէ հակառակը: Չպաշտպանելով եւ չզարգացնելով պահանջարկը` կորչում է առաջարկի իմաստը:

Հետեւաբար առաջընթացը ապահովւում է, երբ պահանջարկը բաւարարելով` զարգանում է առաջարկը:

գ.- Իրապէս ընկերային շուկայական տնտեսութիւնը ենթադրում է շուկայի կարգաւորում: Այդպիսի լիարժէք եւ անկողմնակալ գործառոյթ ամենարդիւնաւէտ  իրականացնողը պետութիւնն է:

Որքան ցածր է պետութեան հեղինակութիւնն ու իշխանութիւնը, այնքան անպաշտպան է հասարակութիւնը` այլ կազմակերպուած ուժերի եւ կառոյցների հանդէպ:

Պետութեան ներկայութիւնը պէտք է բաւարար լինի այնպիսի ծառայութիւններ մատուցելուն, որոնք չի կարող տրամադրել անվերահսկելի «ազատ շուկան», ինչպիսիք են, օրինակ, կարգուկանոնը, պաշտպանութիւնը, կարիքաւորների ապահովութիւնը, առողջապահութիւնը, գիտութիւնը, կրթութիւնը եւ այլն:

Պետութիւնն է, որ կարող է կեանքի կոչել արդիւնաւէտ հակաճգնաժամային եւ զարգացման ծրագրեր` իրականացնելով անհրաժեշտ մաքրոտնտեսական կարգաւորում:

Պետութիւնն է, որ պարտաւոր է ձեւաւորել սեփական ռազմավարական պաշարները` ապահովագրելու համար իր քաղաքացիներին տարաբնոյթ աղէտներից եւ ընկերային-տնտեսական ռիսքերից:

դ.- Ստեղծուած պատերազմական եւ փոխադրամիջոցների-հաղորդակցութեան սահմանափակութեան պայմաններում օրհասական խնդիր է ունենալ ինքնաբաւութեան մակարդակի հետեւողական բարձրացմանն ու ինքնարժէքի հետեւողական նուազեցմանն ուղղուած տնտեսութիւն: Ինչը ենթադրում է պետական պարտաւորութեան ստանձնում` տեղական արտադրութեան թռիչքաձեւ զարգացման համար անհրաժեշտ միջավայր ստեղծելու, ներմուծուող ապրանքատեսակները տեղականով փոխարինելու եւ տնտեսութիւնն արդիականցնելու գործում:

Աւելի՛ն. պէտք է ձերբազատուել «չկան միջոցներ չեն կարող լինել բարեփոխումներ» ձեւակերպումից եւ առաջնորդուել նրանով, որ հէնց բարեփոխումներն են առաջացնում նոր միջոցներ:

Այսպիսի քաղաքականութիւնը հնարաւորութիւն կը տայ երկրով մէկ ձեւաւորել բազմակեդրոն տնտեսական զարգացման օջախներ եւ սասանել սակաւապետական տնտեսական կառոյցների մենաշնորհային դիրքերը:

Այսպիսով, մեր կողմից պաշտպանուող տնտեսակարգը յենւում է այն համոզման վրայ, որ իրաւական եւ ժողովրդավարական պետութիւնը, ապահովելով բնակչութեան լրիւ եւ ամբողջական զբաղուածութիւն եւ արդիւնաւէտ պահանջարկի աճ, ընդունակ է հասնել վերոնշեալ նպատակի իրագործմանը եւ համազգային խնդիրների լուծմանը:

Հետեւաբար  անհրաժեշտ է ինքնահոս եւ անկառավարելի զարգացման հայեցակէտից վերջնականապէս հրաժարուելով` որդեգրել տնտեսական  զարգացման ծրագրաւորման ռազմավարութիւն: Ինչը ոչ թէ հակադրւում է ազատ զարգացմանը, այլ հէնց երաշխաւորում է դրա ազատութիւնը եւ ապահովագրում այդ գործընթացը` ձեւաւորելով անհրաժեշտ միջոցներ:

Աղուերան, 16-17 սեպտեմբեր 2017թ.

* «ՀՀ տնտեսութեան ներկայ վիճակի ախտորոշումը, առկայ մարտահրաւէրները եւ զարգացման հայեցակարգային տեսլականը» թեմայով խորհրդաժողովին արտասանուած զեկուցում:

Անակնկալ Հանդիպումս Շաւարշ Նարդունիի «Հայ Բոյժ»-ին Հետ

0
0

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

«Հայ Բոյժ» բժշկական առողջապահական ամսաթերթ-պարբերաթերթը պատկանած է Շաւարշ Նարդունիին: Ան հրատարակուած է Փարիզի մէջ եւ լոյս տեսած է առաջին անգամ 1934-ին:

Շաւարշ Նարդունի ծնած է Արմաշ, 1898-ին: Աւազանի անունը եղած է Այվազեան Ասքանազ: Ծնողքը զինք առաջին անգամ կանչած են` Շաւարշ, իսկ ինք իր գրչանունը դրած է Նարդունի, ներշնչուած` ծաղիկի մը անունէն: Ան 1918-ին կը զինուորագրուի օսմանեան բանակին, ապա կը յաճախէ Պոլսոյ բժշկական համալսարանը, սակայն կը վտարուի քաղաքական պատճառներով: 1922-ին կը մեկնի Փարիզ եւ կը շարունակէ բժշկական ուսումը Փարիզի բժշկական համալասարանին մէջ ու կը վկայուի 1927-ին:

Բժշկութենէն աւելի եւ առաջ` կը նուիրուի հայ գրականութեան: Գրած է արձակ բանաստեղծութիւններ, հեքիաթներ, ուսումնասիրական, բանասիրական եւ  լեզուաբանական գործեր: Սերտօրէն աշխատակցած է «Յառաջ»-ին (Փարիզ) երկար ատեն մասնակցելով նաեւ անոր խմբագրութեան` Շաւարշ Միսաքեանի կողքին` եւ անոր մահէն ետք:Հրատարակած է «Աքսորի օրագիր» եւ «Անձրեւին ձորը» (1917) «Հեքիաթներու ալպոմ» (1927), «Մեղեդինե՜ր, մեղեդինե՜ր» (1933, պատմուածքներ եւ հեքիաթներ), «Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ» (1938, վիպերգութիւն), «Բանե՜ր, բանե՜ր, ի՜նչ բաներ», «Ծաղկամատեան», «Կանաչ բաժակով» (1945), «Վարդամատեան» (1952) եւ  «Նարդեան բաժակ» հատընտիրներու հաւաքածոն (1968):

Շաւարշ Նարդունի

Նարդունի իր անձնական միջոցներով եւ նախաձեռնութեամբ հրատարակած է  «Հայ Բոյժ»-ը 1934 հոկտեմբերին` որպէս բժշկական ամսագիր: «Հայ Բոյժ»-ը պատնէշի վրայ պահած է շուրջ 30 տարի` որոշ ընդհատումներով: «Հայ բոյժ»-ը եղած է ամսաթերթ, պարբերաթերթ, տարեգիրք եւ նոյնիսկ դադրած է հրատարակուելէ քանի մը տարի: Վերջին թիւը հրատարակուած է1968-ին, Նարդունիի մահուան տարին: «Հայ բոյժ»-ը եղած է ժողովրդական սիրուած հանդէս մը: Ան փնտռուած է սփիւռքի բոլոր հայ կեդրոններէն եւ ամբողջ հայութեան կողմէ:

Շաւարշ Նարդունի «Հայ Բոյժ»-ի հրատարակութեան առաջին օրերէն իր շուրջ  համախմբած է արտասահման ապրող խումբ մը հանրածանօթ հայ բժիշկներ, որոնք իրենց օգտաշատ գրութիւններով մասնակցած են «Հայ Բոյժ»-ին:  Տոքթ. Լ. Գրիգորեան, տոքթ. Վահրամ Թորգոմեան, տոքթ. Գ. Օ. Գալուստեան, տոքթ. Միհրան Քէշիշեան, տոքթ. Երուանդ Խաթանասեան եւ ուրիշներ պարբերաբար եւ երկար տարիներ գրած են հոն: Ան գրած է հմտութեամբ, հաղորդականութեամբ, զուարթաբանութեամբ, կատակներով, մաքուր ու   գեղեցիկ  հայերէնով եւ հայերէն բժշկական ճոխ բառամթերքով: Ան ճոխացուցած է «Հայ Բոյժ»-ը նաեւ առողջապահական նիւթերու ֆրանսերէնէ-հայերէն թարգմանութիւններով: Ան գրած է «Հայ բոյժ»-ի ամէն թիւի մէջ` խիստ հետաքրքրական նիւթերու մասին: Ահաւասիկ օրինակներ իր գրութիւններուն խորագիրներէն`«Խրատներ կաթ տուող մայրերուն», «Տղաբերքը հին եգիպտացիներու մօտ», «Քիթը բժշկութեան մէջ», «Մերկութիւն եւ ամօթ», «Քունի պակաս», «Հոտը եւ սեռային կեանքը», «Արբունք», «Նարինջ կերէք»…

Շաւարշ Նարդունի մահացած է Փարիզ, 1968-ին:

Պատահաբար ձեռքս անցաւ «Հայ Բոյժ»-ի 1937-1939 տարիներու հաւաքածոն` գիրքի ձեւով կազմուած: Կարծէք` գանձ մը գտած էի եւ կամ մեծ գումար մը շահած ըլլայի քանատական վիճակահանութենէն: Մեծ ուրախութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ սկսայ հապճեպ թղթատել «Հայ Բոյժ»-ի այս գանձ-գիրքը: Հազիւ բացի գիրքը, նշմարեցի առաջին էջին վրայ հետեւեալ գրութիւնը` «ՀԱՅ ԲՈՅԺ, Ժողովրդական Ամսաթերթ Բժշկութեան եւ Առողջապահութեան կամ` Տունին Բժիշկը»:

Գիրքը կազմուած է երկու հատորներէ: Առաջին հատորը ունի «Հայ Բոյժ»-ի 37-48 թիւերը, իսկ երկրորդ հատորը`  49-59 թիւերը: Թիւ 37-ը հրատարակուած է հոկտեմբեր 1937-ին, իսկ թիւ59-ը` օգոստոս 1939-ին: Երկու հատորները կը բովանդակեն բժշկական եւ առողջապահական յօդուածներ եւ ֆրանսերէնէ հայերէնի թարգմանուած որոշ գրութիւններ: Յօդուածագիրներն են` տոքթորներ Շաւարշ Նարդունի-Շահան  Նարդունի կամ Այվազեան, Կ. Գարունի, Փարիզէն, Լեւոն Գրիգորեան, Յ. Սեվրիսարեան` Մարսէյէն, Գ. Օ. Գալուստեան` Աթէնքէն, Ա. Աշճեան, Փայլակ Սանասար, Գ. Սերոբեան` Ամերիկայէն, Բ. Նազարեան, Զենոբ Պէօրեքճեան` Փարիզէն, Կ.Յ. Բասմաճեան, Պ. Միսաքեան` Գահիրէէն, Պ. Քօճօլեան, Ե. Արզումանեան` Միլանոյէն, Եդ. Շահպազ, Նաւասարդ Տէյիրմենճեան` Մետիլլիէն, Յ. Տ. Ստեփանեան` Թեհրանէն, Պ. Պեննէ, Պ. Միքայէլեան` Ատիս Ապեպայէն, Կ. Կէովճեան, Ն. Թաշճեան, Գ. Ալթունեան, Յ. Գաբրիէլեան, Գեղամ Այվազեան` Սինսինաթիէն, Վահրամ Չիլինկիրեան, փրոֆեսէօր Ա. Պէրպէրեան` Փարիզէն եւ Արամ Հայկազ:

Բժշկական եւ առողջապահական յօդուածները խիստ հետաքրքրական են: Բոլորը գրուած են շատ մաքուր հայերէնով: Հեղինակները գործածած են բժշկական հայերէն հարուստ բառամթերք: Ոչ մէկը գործածած է բժշկական օտար բառեր: Գրութիւները դիւրահասկնալի են եւ սահուն: Շատերը գրած են Նարդունիին նման` զուարթախօսութեամբ եւ կատակախօսութեամբ:

Իւրաքանչիւր թիւի վերջաւորութեան նշուած են` «Հայ Բոյժի նուիրողներու ցանկ»-ը, «Հարցարան-պատասխան»-ը եւ «Յայտարարութիւն-զրոյց մեր բաժանորդներուն հետ»-ը: Հատորներու վերջաւորութեան տեղադրուած է իւրաքանչիւր թիւի յօդուածներուն եւ գրութիւններուն ցանկը:

Կարդացի ամբողջ հատորը մեծ հաճոյքով եւ վայելեցի 80 տարիներ առաջ տաղանդաւոր հայ բժիշկներու դաստիարակչական եւ առողջապահական գրութիւնները, որոնցմէ շատերը կարծէք գրուած են այսօր` ներկայ բժշկական գիտելիքներով:

Ուշադրութիւնս գրաւեց քանի մը թիւերու վերջաւորութեան գրուած Նարդունիի սրտէն բխած հետեւեալ խօսքը` «Հայ Բոյժի վճարել բաժնեգին մը աւելի` կը նշանակէ բժիշկին վճարել այցեգին մը պակաս»:

Կարդալէ ետք 80 տարիներ առաջ հրատարակուած «Հայ բոյժ»-ի այս հաւաքածոն եւ վայելելէ ետք անոր պարունակութիւնը, ուզեցի հայ ընթերցողը մասնակից դարձնել իմ վայելքիս: Ահաւասիկ` այդ գրութիւններէն համով հոտով օրինակ մը, որուն հեղինակն է Շաւարշ Նարդունին:

Հարբուխ

Հէփշի՜ւ….

«Սատանային ականջը խուլ»: Հասկցուեցաւ արդէն, թէ ո՛վ կու գայ: Ի՞նչ հարկ նկարագրութեան, կը բաւէ յիշել միջազգային այդ ձայնարկութիւնը, որուն կ’ընկերանայ ջղային ցնցում մը` թօթուելով գլուխդ, մարմինդ, ձեռքերդ ու ոտքերդ: Եթէ ոտքի վրայ ես, կը փլէ քեզ, եթէ նստած ես, կը փշրէ կողերդ եւ կը ցաւցնէ միսերդ: Վա՜յ գլխուդ, եթէ հէփշիւն կրկնեցիր եօթն անգամ իրարու ետեւէ. կ՛ապուշնաս:

«Գետինն անցնի սա ձմեռուան հազն ու հարբուխը եւ ամէն բան, որ խեղճ մարմնոյս եկան փական, զիս դարձուցին ապուշ անբան»:  Այսպէս կ՛երգէր հայ կատակերգակ մը` Գ. Ռշտունի:

Քիչ վերջ կը սկսի քիթդ վազել աղբիւրի պէս, ինչպէս կ՛ըսէ ժողովուրդը: Շարունակ խնջելով` քիթդ կը կարմրի, փռնգտալով` աչքերդ կ’արցունքոտին:

«Քիթս ու բերանս ալ ուռեցաւ, փռնգտալէն բանս բուսաւ, միշտ կը հազամ, միշտ կը խնջեմ, ետին չեկաւ, խերն անիծեմ»:

Քիթիդ ներքնաթաղանթը կ’ուռի, ծակերը կը գոցուին, եւ կը ստիպուիս խնջել բերանդ բաց: Բերանդ կը ժանգոտի:

«Քաղցրիկ ձայնիկս ալ մարեցաւ, զռնչական բան մը եղաւ, երգ երգելու կ՛ամչնամ կոր, կ՛ըսեն` էշը կը զռայ կոր: Շատ աղջիկներ առաջ ինծի, կանչել տային շարքի, մանի, հիմա երբոր բերանս բանամ, երկու բառին կը փռնգտամ»:

Ամէնուն կարծիքն այն է, թէ հարբուխը տարափոխիկ է, կը փոխանցուի ուրիշին, կը պլշկէ շուրջինները:

«Սիրուհուս ալ աչքէն ելայ, երբ քովն երթամ, կ՛ըսէ` գնա՛, զիս ալ հետդ կը պլշկես, զիս պագնելդ յայտնի կ՛ըլլայ»:

Եւ վերջապէս ժողովուրդը, ինչպէս բժիշկն ալ` «Մէյ մը տաքէն, մէյ մը պաղէն կու գայ այս գէշ ախտը, կ՛ըսեն»:

Գ. Ռշտունի չի հաւատար այդ պատճառաբանութեան եւ կ՛աւելցնէ. «Բայց ես կ՛ըսեմ, որ այս ցաւին բուն պատճառն է գոգոզութիւն»:

Կը սխալին Ռշտունին ալ, ժողովուրդն ալ եւ… բժիշկներն ալ: Արդարեւ, հարբուխը առեղծուածային հիւանդութիւն մըն է, որ իր գաղտնիքը պահեց ու կը պահէ դարերէ ի վեր: Հասարակ հիւանդութիւն մը, որուն մասին շատ բան չեն գիտեր բժիշկներն ալ: Յաճախ պարզ եւ աննշան կարծուած բաներն են, որ չափազանց բարդ են եւ անբուժելի: Բժշկական ուսանողութեանս ընթացքին դիտեցի, որ փրոֆ. Հարթման սովորութիւն ըրած էր հարցնել հասարակ բաներ, մինչ մենք բարձր ու դժուար նիւթերուն տուած էինք մեր ուժը: Եւ ան կը հեգնէր մեզ, որ դիւրին բաներն ալ չենք գիտեր: Ահա` հասարակ հիւանդութիւն մը, որուն մասին կարելի չէ վերջնական բան մը ըսել:

Ախտաբանական բոլոր գիրքերը, համադրելով հին պատմական, ժողովրդական կարծիքները, այժմ հարբուխը կը սահմանեն իբրեւ չափազանց փոխանցիկ եւ մանրէածին հիւանդութիւն մը: Այդ հեղինակութիւնները հարբուխը կը վերագրեն ցուրտին, արեւի ճառագայթներուն, շոգիի եւ մառախուղի մէջ շնչառութեան, դեղերու (մանիշ-iodine), մանրէածին հիւանդութիւններու (կեղծմաշկ, կարմրախտ), գրգռիչ փոշիներու, մանրէներու, օճառոտ ջուրին, ծաղիկներու բեղմնափոշիին (գարնան եղանակին):

Այժմ նոր վիճաբանութիւնները վերագնահատութեան կ’ենթարկեն հարբուխին տրուած այս դասական պատճառաբանութիւնը: «Ամէն հարբուխ փոխանցիկ չէ», կ՛ըսէ տոքթ. Զենոբ եւ իրաւունք ունի:

Ըստ կատարուած վիճակագրութիւններու, կարելի է հարբուխը բաժնել քանի մը տեսակներու.

Մանրէական հարբուխ.- Այս հարբուխին պատճառն է մանրէներու գոյութիւնը քիթին մէջ: Այսպէս, կարմրախտ կամ կեղծմաշկ հիւանդութիւնները մանրէով կը վարակեն նաեւ քիթը: Պիտի չխօսինք այս հարբուխին մասին, որ դուրս կ՛իյնայ մեր նիւթէն:

Գարնանային հարբուխ.- Սովորութիւն է այսպէս անուանել հարբուխի ծանր տեսակ մը, որ կը պատահի գարնան, ծաղիկներու բացումին: Բեղմնափոշին, զոր հովը կը թափէ, օդին հետ կը մտնէ ռունգերէն ներս եւ կը գրգռէ խլնաթաղանթը: Աւելի լաւ կ՛ըլլար անուանել` «ծաղիկներու հարբուխ», որովհետեւ գարնանային ամէն հարբուխ ծաղիկներու հարբուխ չէ:

Դեղային հարբուխ.- Անոնք, որոնք մանիշի (iodine) բաղադրութեամբ դեղեր կը գործածեն, հարբուխ կ՛ունենան: Դեղը դադրեցուցէք, հարբուխն ալ կ՛անցնի:

Իսկական հարբուխ.- Այս բացատրութիւնը քմածին է, ասով կ՛ակնարկենք այն հարբուխներուն, որոնք կը պատահին անկախ արտաքին որեւէ պատճառէ, անկախ ուրիշ որեւէ հիւանդութենէ: Այսինքն` այն հարբուխները, որոնք կը տեսնուին ամառ, ձմեռ, «առանց պատճառի», ինչպէս կ՛ըսէ ժողովուրդը:

Արդարեւ, կայ տեսակ մը հարբուխ, որ կու գայ յանկարծակի: Կատարելապէս առողջ ես, քիթդ հանգիստ ու մաքուր, օդ կու տայ, օդ կ՛առնէ, գեղեցիկ հոտերը կը քաշէ ու կը վայելէ, վերջապէս ռունգեր` դաշտերու պէս առողջ, մէկ խօսքով` օրհնած քիթ մը: Յանկարծ կը փռնգտաս, հեղ մըն ալ` ետեւէն, եւ ներքին զգացում մը քեզի կ՛ըսէ, որ հարբուխն եկաւ: Այո՛, եկաւ, պատճառ-մատճառ չկայ: Եւ օրհնած քիթդ կը դառնայ սատանայի սրինգ: Կը չարչարէ քեզ, կը փռնգտացնէ, շարունակ կը կաթէ, ռունգերդ կը կսկծան, քիթիդ ծակերը կը գոցուին, «քիթէդ կը խօսիս», ականջներդ կը գոռան, ին՞չ ընես եւ ի՞նչ չընես: Կը յուսահատիս, քիթդ փրցնել-նետել կ՛ուզես: Գ. Ռշտունի շատ լաւ կը բացատրէ այդ յուսահատութիւնը` «Ա՛լ աղէկ է, որ չփռնգտամ, մինչեւ մեռնիմ, այսպէս մնամ, երբ պարտատէրս ստակ ուզէ, երեսն ի վեր թքնեմ փռնգտամ»:

Եւ հարբուխը քիթիդ մէջ` կը նստիս անկիւն մը: Հիւանդ չես, տաքութիւն չունիս, գլուխդ չի ցաւիր, սակայն քիթը կը վազէ աղբիւրի պէս` մերթ ընդ մերթ փռնգտացնելով, երկրաշարժի պէս ցնցելով ամբողջ մարմինդ: Այստեղ արդէն բժիշկները տարակարծութեան մէջ են:

Բժշկութեան մէջ գեղձաբանութիւնը (endocrinology) յեղաշրջեց նաեւ հարբուխի մասին ծանօթ տեսակէտները: Երիտասարդ բժիշկները, որոնք շատ կը հետաքրքրուին գեղձաբանութեամբ, կը պնդեն, որ ինչպէս կ՛ըսէինք, հարբուխը տարափոխիկ չէ, ոչ ալ մանրէական է: Արդարեւ, հարբուխը հազիւ սկսած` քիթէն հոսած առաջին կաթիլը առէք եւ մանրադիտակով քննեցէք. ոչ մէկ մանրէ: Նոյնիսկ քիթին այդ «ջուրը», որ ինքնապաշտպանութեան միջոց մըն է, կը սպաննէ մանրէները. եւ յետոյ, եթէ քիթին մանրէներն են պատճառը, մի՞թէ կը պակսին մանրէները որեւէ ատեն, եւ ինչո՞ւ ամէն մարդ չի վարակուիր հարբուխով: Յաճախ մէկը կ՛ամբաստանէ միւսը, թէ հարբուխ տուաւ իրեն եւ վարակեց  զինք: Ուրեմն հարբուխը մասնաւոր վարակիչ մանրէ՞ ունի, ինչպէս` հիւծախտը:

Ըստ նորագոյն տեսակէտներու, հարբուխը վարակիչ է ոչ թէ մանրէներու պատճառով, այլ միայն` ինքնաթելադրութեամբ: Իրապէս հարբուխին վարակումը կը կատարուի յանկարծական: Արդ, չկայ մանրէական հիւանդութիւն մը, որուն վարակումը կատարուի այդքան արագ: Բայց մենք գիտենք ջղային հիւանդութիւններ, որոնց վարակումը իսկապէս վայրկենական է (hysteria): Հարբուխը եւս կը փոխանցուի ինքնաթելադրութեամբ, չափազանց արագ: Եւ սակայն անհրաժեշտ են ուրիշ պատճառներ ալ: Ցուրտը գլխաւորն է: Մասնաւորաբար ոտքին պաղիլը` պաղ քրտինքի մը մէջ: Այստեղ է, որ գեղձաբանութիւնը կը խառնուի վէճին: Մեր ներքին ջերմութեան հաւասարակշռութիւնը կը պահպանեն երկու ներծոր գեղձեր` վահանագեղձը եւ երիկամները: Ամառը այս գեղձերը քիչ կը գործեն, եւ կը նուազի մեր ներքին ջերմութիւնը. ընդհակառակն, ձմեռը շատ կը գործեն եւ չենք մսիր: Մեր ապրած շրջապատին տաքութեան համաձայն ալ անոնք կը կանոնաւորեն մեր ջերմութեան աստիճանը: Բայց ջերմութեան (մթնոլորտային) անբնական փոփոխութիւններուն ընթացքին գեղձերը չեն կրնար պահել ներքին ջերմական հաւասարակշռութիւնը: Իրենց հիւթը, խուժելու ձեւով, կը ղրկեն հոն, ուր ցուրտը շատ զգալի է (քիթը): Եւ ներքնաթաղանթը կը բորբոքի առանց մանրէի միջամտութեան: Եթէ մանրէները ի վերջոյ չմիջամտեն, հարբուխը կ՛անցնի շուտով: Հարբուխին այս պատճառի ճշդութեան կը վկայէ գեղձափոշիով յաջող դարմանումը:

Հարկ կը տեսնեմ, որ սեռային գեղձերուն որոշ գործունէութիւնը եւս կը նպաստէ հարբուխին, (սեռային եւ հոտառական գործարաններու բնախօսական խնամութիւնը գիտական փաստ մըն է): Այսպէս, ուրեմն, հարբուխը կը պատահի, երբ կը խանգարուի ներծոր գեղձերու ջերմական հաւասարակշռութիւնը, եւ կը փոխանցուի… ինքնաթելադրութեամբ:

Կը նշանակէ, որ ջղային եւ հոգեկան գաղտնիք մը ունի հարբուխը: Արդէն  ախտաբանական բազմաթիւ գիրքերու մէջ կը յիշատակուին «հողին յարմարութիւնը, յօդային եւ աւշային տկարութիւնը» եւ այլն` իբրեւ պատճառ հարբուխի: Միւս կողմէ, «ծաղիկներու հարբուխը» եւս, որ կը վերագրուի բեղմնափոշիին (այդ պատճառով Ամերիկայի մէջ պատրաստած են շիճուկներ, որոնց շատ յարգ չեն տար Եւրոպայի մէջ), այժմ կը վերագրուի ոչ թէ բուն իսկ բեղմնափոշիին, այլ պարզապէս` մարմնոյն գերզգայնացումին:

Արդարեւ, եթէ ժանտատենդը կ՛ախտազերծէ  ենթական (immunity), այսինքն եթէ բռնուողը երկրորդ անգամ չի վարակուիր, ընդհակառակն, «ծաղիկներու հարբուխը» (եւ գրեթէ բոլոր հարբուխները) մէկ անգամ վարակելէ ետք աւելի ընդունակ կը դարձնեն նոր վարակումներու: Փաստ մը եւս, որ հարբուխը ներքին պատճառագիտութիւն մը ունի:

Ինչպէ՞ս դարմանել: Ժողովուրդը բազմաթիւ միջոցներ գիտէ, ինչպէս կը յիշէ Ռշտունի. «Դեղ մը ըսէք, երթամ ընեմ, խաթո՛ւն տիկնայք, շա՛տ կ՛աղաչեմ, քթախոտը կամ շաքարը, քէհրիպարն ու նէօպէթ շէքէրն, օխլամուրը եւ տաք ջուրը օգուտ չունին, լա՛ւ գիտեմ»: Իսկ բժիշկները կը յաձնարարեն` քիթը հականեխել  (huile gomenolee, ռունգերուն մէջ` 1-2 կաթիլ), մաքուր օդ շնչել, նոյն ջերմութեան մէջ կենալ, աչքերը խուփ` հանգիստ ընել, չկարդալ, ինքնապաշտպանութեան միջոցները աւելցնել, ոտքերը տաք պահել: Եւ երբ դեռ վարակուած չես, չվախնաս ու չմտածես, իսկ թէ հարբուխ պիտի առնես:

Մոնրէալ, 10 յուլիս 2017

———————————-

Աղբիւրներ`

1.- Շառոյեան Լեւոն, «Ու՞ր է սփիւռքահայ բժշկական գրականութիւնը», «Ազդակ», 4 դեկտեմբեր 2014, Պէյրութ
2.- «Ուիքիփետիա», «Ազատ հանրագիտարան», Շաւարշ Նարդունի
3.- Պէրպէրեան Նազարէթ, «Շաւարշ Նարդունի», «Եռագոյն դիմատետր», 13 փետրուար 2013
4.- Նարդունի Շաւարշ, «Հայ Բոյժ», թիւ 37-58, Փարիզ

 

Գաղափարական Հարցեր. Երուանդ Ֆրանգեան Եւ Ներկայիս Հայ Պատմափիլիսոփայական Մտածողութեան Մէջ Տիրող Դատարկութիւնը

0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Երուանդ Ֆրանգեան (1878-1928), եզակի դէմք մը` 20-րդ դարու հայ մտաւորական կեանքին մէջ: Ան եղած է հայ փիլիսոփայական մտքի այն սակաւաթիւ մշակներէն, որուն փիլիսոփայական-տեսական ժառանգութիւնը մինչեւ օրս կենդանի է հայկական կեանքին մէջ: Անոր փիլիսոփայական աշխարհահայեացքները կը պատկանէին «դրապաշտութեան» (positivism) (փիլիսոփայական ուղղութիւն մը, որ իրական իմացութեան միակ աղբիւրը կը նկատէ փորձնապաշտ ուսումնասիրութիւնները) փիլիսոփայական ուղղութեան փորձառապաշտ (empiricism) ձեւին, որուն համաձայն, գիտելիքը կու գայ միայն կամ հիմնականօրէն զգայական փորձէն: Փորձառապաշտութեան շարք մը դիտարկումներէն մէկն է մարդկային գիտելիքի ուսումնասիրութիւնը` բանական մտածողութեան (rationalism) եւ սկեպտիկականութեան հետ միատեղ: Փորձառապաշտութիւնը առաջնահերթութիւն կը նկատէ փորձի եւ ապացոյցներու դերը, յատկապես զգայական փորձը` գաղափարներու ձեւով: Գիտութեան փիլիսոփայութեան մէջ փորձառապաշտութիւնը շեշտը կը դնէ ապացոյցին վրայ, յատկապէս` փորձի արդիւնքին մէջ ի յայտ եկած ապացոյցի: Գիտական մեթոտի հիմնական մաս կը նկատուի այն հանգամանքը, որ բոլոր վարկածները եւ տեսութիւնները պէտք է փորձարկուին բնական աշխարհի դիտարկումներուն վրայ եւ պարզապէս չհիմնուին առաջնային պատճառի, ինքնաճանաչութեան կամ բացայայտման վրայ: Փորձառապաշտութիւնը, որ յաճախ կը կիրարկուի բնական գիտութիւններու մասնագէտներուն կողմէ, կը պնդէ, որ գիտելիքը հիմնուած է փորձին վրայ, եւ որ գիտելիքը նախնական է եւ ենթակայ շարունակական վերանայման ու կեղծիքի:

Ֆրանգեան փիլիսոփայական մտածողութեան առումով իր ազդեցութիւնները կրած է աւստրիացի փիլիսոփայ Էռնեսթ Մախի եւ զուիցերիացի փիլիսոփայ Ռիխարտ Աւենարիուսի մախականութենէն, որ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբի ենթակայական գաղափարապաշտ ուղղութիւն մըն է: Մախական բնագէտները կը փորձէին լուծել դասական բնագիտութեան ճգնաժամին առնչութեամբ ծագած իմացաբանական դժուարութիւններն ու մեթոտաբանական խնդիրները: Անոնք զգալի դեր խաղցան բնագիտական նոր պատկերացումներու ձեւաւորման գործին մէջ` նպաստելով փորձնական հիմնաւորում չունեցող մտակառոյց «բնազանցական» (metaphysical) էութիւններու  բնագիտութենէն արտաքսման: Սակայն մախականութեան մէջ ատիկա հասաւ ամէն տեսակ վերացական հասկացողութիւններու, առհասարակ մտահասու էութիւններու ճանաչողական նշանակութեան ժխտման: Համապատասխանաբար, մախականութեան իմացաբանութիւնը ենթակայական փորձառապաշտ է` երեւութապաշտութիւն (phenomenalism). ճանաչողութեան հիմքին մէջ անիկա կը դնէ անմիջական զգայական փորձը, որուն վերջնական «տարրերը» կը նկատէ զգայութիւնները:Կը վերացուին հոգեկանի եւ բնագիտականի հակադրութիւնը, զգայութիւնները եւ անոնց բաղադրութիւնները` դիտուած ենթակայականի հետ ունեցած յարաբերութեան տեսակէտէն, կը կազմեն հոգեբանութեան առարկան, իսկ անոնց առարկայացումը, անոնց դիտարկումը իբրեւ առարկայի ու անոր յատկութիւններուն մասին զգայական տուեալներու` կը կազմէ բնագիտութեան առարկան: Ենթակայական եւ առարկայական հակադրութեան այսպիսի վերառումով մախականութիւնը իր փիլիսոփայութիւնը կը հռչակէ նիւթապաշտութենէն եւ գաղափարապաշտութենէն վեր կանգնած «երրորդ», «չէզոք» գիծ: Ֆրանգեանի փիլիսոփայական աշխատութիւններն են`«Մեր փիլիսոփայական աշխարհայեացքը. իրապաշտ փիլիսոփայութիւն` ՀՅ Դաշնակցութեան փիլիսոփայական աշխարհայեացքի հիմնաւորման փորձ», «Նիցչէ եւ իր փիլիսոփայութիւնը», «Շոփենհաուեր եւ իր փիլիսոփայութիւնը», «Միխայլովսկին իբրեւ ընկերաբան-փիլիսոփայ» եւ «Յունական փիլիսոփայութիւն» մենագրութիւնները:

Փիլիսոփայութիւնը, ըստ Ֆրանգեանին, չէ դադրած եւ երբեք պիտի չդադրի ըլլալ` «Մարդկային, տիեզերական: Պրպտող եւ խորապէս հետազօտող միտքը միշտ իրեն համար կը շինէ համաշխարհային առեղծուածներ ու հարցեր եւ կ՛աշխատի տալ անոնց գոհացուցիչ լուծում»: Ֆրանգեանը մեծ կարեւորութիւն կու տայ փիլիսոփայութեան`ըսելով. «Իսկ այսօր, քսաներորդ դարուն, մարդս գերազանցնապէս փիլիսոփայող է: Մեր դարը փիլիսոփայութեան դար է: Ե՛ւ անհատ,ե՛ւ հասարակական-քաղաքական կուսակցութիւն հեւիհեւ կ՛աշխատին հիմնաւորել իրենց փիլիսոփայական աշխարհահայեացքը: Հարցերուն տեսական լուսաբանութիւնը եւ հիմնաւորումը նոյնքան արժեքաւոր եւ կարեւոր է, որքան` գործնական կողմը: Տեսականը եւ գործնականը իրարմէ միանգամայն անբաժան են: Քաղաքական-հասարակական կառոյցի մը համար որքա՛ն քաղաքական տեսակէտի մշակումը եւ պարզութիւնը կարեւոր է, նոյնքան եւ` անոր ընդհանուր փիլիսոփայական աշխարհահայեցողութեան հիմնաւորումը»: Փիլիսոփայութիւնը անբաժանելիօրէն մաս կազմած է մարդկային-բնական կեանքին, այսինքն անիկա «մարդկային մտքի բնորոշ եւ էական յատկութիւնն է»:

Մարդ անհատը ի բնէ փիլիսոփայ է, եւ այդ յատկութիւնը միակն է, որ մարդը կը բաժնէ անասունէն: Ֆրանգեան այս առնչութեամբ կ՛ըսէ. «Անասունը չունի տեսական դիտողութիւն, ինչ որ կը կազմէ մարդուն իւրայատուկ կողմը: Մարդը ընդունակ է իրերու եւ երեւոյթներու այդ ցաքուցրիւութիւնը դնել ներդաշնակ կապակցութեան եւ համակարգի մը մէջ: Այս տեսակէտէն ահա իւրաքանչիւր մարդ անհատ փիլիսոփայող է»: Սակայն «իւրաքանչիւր  մարդ անհատ փիլիսոփայող է»-ն չի նշանակեր, թէ համայն մարդկութիւնը մէկ տեսանկիւնէ կը կատարէ իր փիլիսոփայութիւնը, այլ կան տարբեր տեսանկիւններ նաեւ, որոնք հաշուի կ՛առնեն մարդուն բնակած վայրը (գիւղ թէ քաղաք), կրթական(ուսանած թէ ոչ) եւ ընկերային (դասակարգային պատկանելիութիւն) կարգավիճակները: Նշեալ կէտը աւելի յստակացնելու համար Ֆրանգեան կ՛ըսէ. «Իւրաքանչիւրը կը փիլիսոփայէ իր տեսակէտով եւ իր կարողութեան չափով: Կայ իրերու եւ երեւոյթներու ըմբռնումի խորութեան ու լայնութեան տարբերութիւն միայն: Գիւղացիին մտքի հորիզոնը աւելի նեղ է եւ սահմանափակ, քան` մտաւորականի մը: Գիւղացիին միտքը խեղճուկ է եւ գիտական բնոյթէ զուրկ, մինչդեռ զարգացած մարդու միտքը աւելի խորն է ու գիտական: Բայց այս տարբերութիւնը էական չէ, այլ միայն` աստիճանական, որովհետեւ երկուքն ալ, գիւղացին թէ մտաւորականը, կ՛ընդհանրացնեն, այսինքն կը փիլիսոփայեն»:

Պատմականօրէն անդրադառնալով փիլիսոփայութեան` Ֆրանգեան կը գրէ.  «Նախապատմական մարդն ու ժողովուրդները եւս ունեցած են իրենց փիլիսոփայութիւնը, իրենց իմացաբանութիւնը եւ տրամաբանութիւնը, իրենց բնափիլիսոփայութիւնը եւ բարոյագիտութիւնը: Եզրակացութիւնը պարզ է, որովհետեւ մարդ արարածը կա՛յ, գոյութիւն կ՛ունենայ եւ կ՛ապրի նաեւ փիլիսոփայութիւնը»: Աւելի ուսումնասիրելով պատմութիւնը` Ֆրանգեան կը գրէ. «Որքան ալ մենք ետ նայինք, նոյնիսկ` քաղաքակրթութեան ամէնէն սկզբնական շրջաններ, դարձեալ կը հանդիպինք որոշ աշխարհահայեցողութեան: Մարդուն բնական մղումն է դիտել, համեմատել, վերլուծել, համադրել, ընդհանրացնել: Մարդը իր գիտակցական կեանքին առաջին իսկ օրէն անթիւ ու բազմազան հարցեր տուած է իր շրջապատին եւ պատասխան կը պահանջէ: Հարցումը ուղղակիօրէն նստած է մարդու արեան մէջ: Ի՞նչ է աշխարհը եւ կեանքը, ի՞նչ է երջանկութիւնը եւ ճշմարտութիւնը, ուրկէ՞ եկած է եւ ո՞ւր կ՛երթայ մարդը, ի՞նչ է հոգին եւ ի՞նչ է մահը… Եւ այսպէս` անվերջ հարցումներ»:

Եզրակացնելով հազարաւոր տարիներէ ի վեր ձեւաւորած մարդկային փիլիսոփայական հոլովոյթը` Ֆրանգեան կը գրէ. «Մարդկային փիլիսոփայական միտքը արդէն իսկ ունի հազարաւոր տարիներու պատմութիւն: Այդ պատմութիւնը իր զարգացման տարբեր փուլերով կը ներկայացնէ մշտական, շարունակական ու յամառ ձգտում մը` դէպի նորանոր  մտաձեւեր, դէպի աւելի ճշմարտապատում դրութիւն մը: Այդ մտային ընթացքը ինքնին յառաջադիմական շարժում մըն է, բայց անիկա կ՛անցնի սխալներու մէջէն, որոնք անխուսափելի, նոյնիսկ անհրաժեշտ են: Այն, ինչ որ երէկ ճշմարիտ էր, այսօր կը դառնայ սխալ, անհրաժեշտ սխալ մը, որ նախապայման է նոր ճշմարտութեան»:

Ֆրանգեան իր «Մեր փիլիսոփայական աշխարհայեացքը» աշխատութեան մէջ կ՛անդրադառնայ նաեւ այլ փիլիսոփայական հոսանքներու: Ան կը սկսի գաղափարապաշտները նկարագրել իբրեւ «առարկայական եւ մասնակի իրերը» անարգող մարդիկ եւ կը շարունակէ. «Գաղափարները իսկական օրինակներն են, նախատիպերը, իսկ իրերն ու երեւոյթները` ասոնց ստուերները կամ պատճէնները: Իրերը ձեւ կը ստանան ըստ գաղափարներու: Գաղափարներն են, որոնք կը յայտնեն, իր եւ երեւոյթ կը դառնան»: Ֆրանգեան կը քննադատէ գաղափարապաշտներու փիլիսոփայական հոսանքին հականիւթապաշտ մոլութիւնը` իր քննադատութեան հիմքերը նշելով. «Բոլոր գաղափարապաշտներուն մոլորութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ կը կարծեն, թէ մարմնական կամ նիւթական` միանգամայն ու ընդմիշտ ոչնչացած է, եւ հետեւաբար, մնացած է միայն հոգեկանը»: Հականիւթապաշտ ծայրայեղութեան դէմ Ֆրանգեան կ՛առաջարկէ իրապաշտ այլընտրանք մը. «Նիւթ եւ հոգի, ֆիզիքական եւ հոգեկան. ասոնք յարաբերական գաղափարներ են: Ասոնց գոյութիւնը կը պայմանաւորուի փոխադարձ յայաբերութեամբ եւ տարբերութեամբ: Նիւթական գոյակը չէր կրնար աւելի շուտ տրուած ըլլալ, քան հոգեկանը: Մէկը առանց միւսին` անմտածելի է եւ անհասկնալի»: Նաեւ, ան (Երուանդ Ֆրանգեան) գաղափարապաշտութիւնը կը տեսնէ անհամապատասխան իմացաբանութեան հետ` նշելով. «Փիլիսոփայական գաղափարապաշտութիւնը իր ծայրայեղ ձեւին մէջ, իբրեւ եսապաշտութիւն, որ միայն ես-ենթակային կը վերագրէ իսկական իրապաշտութիւնը, արդէն անկարելի կը դարձնէ իմացութեան հնարաւորութիւնը»: Ան կ՛եզրափակէ գաղափարապաշտութեան իր քննադատութիւնը` նշելով հետեւեալը. «Նիւթը` նիւթականը չի կրնար երբեք մինակը ոչնչանալ, այլ միայն` հոգեկանի հետ միասին: Նիւթականի ծնունդը, հետեւաբար նաեւ` ոչնչացումը, պայմանաւորուած է հոգեկանով եւ ընդհակառակը»:

Ինչ կը վերաբերի զգացական փիլիսոփայական հասկացողութեան, Ֆրանգեան կը քննադատէ չափազանցութեամբ անոր բացառիկ առաջնահերթութիւն տալը, երբ կը գրէ. «Որ զգացումային-ենթակայական տարրերը մեծ եւ նշանակալից դեր կը խաղան մարդ անհատի եւ ընկերային կեանքին մէջ, ատոր մէջ կասկած չկայ: Բայց անոր բացառիկ տեղ տալ մեր հոգիին, ընկերային-հոգեկան երեւոյթներու զարգացման մէջ, ահա այստեղ է, որ այդ հոգեբանական տեսութիւնը կ՛իյնայ միակողմանիութեան մէջ` կորսնցնելով իր գիտական նշանակութիւնը»:

Վերջաւորութեան Ֆրանգեան շեշտը կը դնէ իրապաշտ փիլիսոփայական հոսանքին վրայ եւ կը յայտնէ, որ թէ՛ հոգեկան եւ թէ՛ ֆիզիքական ազդակները արժէքաւոր են` նշելով. «Մեզի համար երկուքն ալ, հոգեկանը թէ ֆիզիքականը, հաւասարարժէք են եւ հաւասարապէս` տուեալ ու իրական, որ գլխաւորն է` որեւէ հիմքի կարիք չունին: Անոնք մէկ են եւ ամբողջութիւն կը կազմեն»: Ֆրանգեան մարդ արարածի կազմութիւնը կը նմանցնէ իրապաշտ փիլիսոփայութեան` ըսելով. «Մարդը, օրինակ, մէկ կողմէն մարմին է, հետեւաբար` տարածական եւ միւս կողմէն` միաժամանակ զգացող, պատկերացնող եւ կամեցող էութիւն: Ուրեմն հոգին եւ մարմինը միեւնոյն իրականի երկու կողմերն են, երկու տարբեր երեւութաձեւերը»:

Ահա տեսանք, թէ գաղափարապաշտական եւ զգացական փիլիսոփայական հոսանքները առանձինն ինչո՛ւ չեն կրնար ըլլալ մարդկային կեանքի առաջնորդող հոսանքները` իրենց անտրամաբանական մտածումներով: Պատմութիւնը վկայ է ֆաշականութեան` հարցերուն զգացական մօտեցումներով, եւ ֆաշականներուն քաղաքական-գաղափարապաշտական փիլիսոփայութեան կրած ձախողութիւններուն: Այդ բոլորին պատճառը յայտնի է` գործել առանց հաշուի առնելու միջավայրն ու ժամանակը: Այսինքն այդտեղ բանականութեան պակաս կայ: Այդ պակասը այսօր եւս կը կրեն ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութիւնները, եւ անոնք եւս ձախողութեան պիտի մատնուին անկասկած:

Բարեբախտաբար ՀՅ Դաշնակցութիւնը հեռու մնաց անտրամաբանական, ցնորական եւ կոյր գաղափարապաշտ եւ զգացական փիլիսոփայական աշխարհահայեացքէն ու ընտրեց քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական բնագաւառներու` գիտական-վերլուծման հիման վրայ ճշդուած ուղի մը, որ կը համապատասխանէ հայկական ազգային պահանջներուն, հաշուի կ՛առնէ ազգային ֆիզիքական եւ նիւթական կարիքները եւ անոր հիման վրայ մէջտեղ կը բերէ կեանքի կերտման գաղափարախօսութիւն մը, այլ ոչ թէ` հակառակը: Կ՛եզրակացնենք այս յօդուածը` յիշելով Երուանդ Ֆրանգեանի հետեւեալ տողը. «Չկայ պատկերացում` առանց զգացումի եւ կամքի: Չկայ զգացում` առանց պատկերացումի եւ կամքի: Չկայ կամք`առանց պատկերացումի եւ կամքի: Կայ միայն մէկ մեծութիւն, մէկ գործընթաց, որուն մէջ ձուլուած են ե՛ւ մէկը, ե՛ւ միւսը, ե՛ւ երրորդը»: Այլ խօսքով, Երուանդ Ֆրանգեան տեսականօրէն կը հիմնաւորէ ՀՅ Դաշնակցութեան պատմափիլիսոփայական աշխարհահայեացքը, որ մինչեւ հիմա իր հիմնական տեղը կը գրաւէ կուսակցութեան Ծրագիրին մէջ: Ըստ այդ աշխարհահայեացքին, մարդկային կեանքը կը զարգանայ զոյգ գործօններու` առարկայական եւ ենթակայական պայմաններու` ազդակներու փոխներգործութեամբ եւ փոխազդեցութեամբ:

 

Ե­դո­ւարդ ­Պո­յա­ճեան (1915-1966)

0
0

Ե­դո­ւարդ ­Պո­յա­ճեան (1915-1966). ­Հայ­րե­նի կո­րու­սեալ հո­ղին եւ մար­դոց, ար­ժէք­նե­րուն եւ խոր­հուրդ­նե­րուն տա­ղան­դա­շատ բա­նաս­տեղ­ծը

Ն.

13 ­Հոկ­տեմ­բե­րին, 51 տա­րի ա­ռաջ, ար­դէն թե­ւա­կո­խած գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան իր եր­թի հա­սու­նաց­ման փու­լը, 51 տա­րե­կա­նին մեր աշ­խար­հէն ա­պա­ժամ հե­ռա­ցաւ սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թեան ե­զա­կի դէմ­քե­րէն Ե­դո­ւարդ ­Պո­յա­ճեան։
Հայ­րե­նի կո­րու­սեալ հո­ղին ու ա­նով շա­ղա­խո­ւած հայ մար­դոց, ա­նոնց շնչա­ւո­րած ազ­գա­յին ու տոհ­միկ ար­ժէք­նե­րուն եւ խոր­հուրդ­նե­րուն ինք­նա­տիպ եր­գիչն է ­Մու­սա Լե­րան Խ­տըր-­Պէկ գիւ­ղի ծնունդ Ե­դուարդ Պո­յա­ճեան։
«­Հո­ղը ա­մէ՜ն բան» է ա­նոր հա­մար. թէ՛ շօ­շա­փե­լի գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րու եւ հմայք­նե­րու ան­պա­րա­գիծ աշ­խարհ մըն է, թէ՛ կոր­սո­ւած ճշմար­տու­թեան եւ խո­ցո­ւած էու­թեան ո­րո­նու­մով աշ­խար­հին ու ժա­մա­նակ­նե­րուն բա­ցո­ւած մար­դոց թանձ­րա­ցեալ տա­րերքն է, թէ՛ ա­նանց ար­ժէք­նե­րու կեն­սա­տու աղ­բիւրն է եւ թէ, մա­նա­ւա՛նդ, հա­մա­պար­փակ խոր­հուրդ է, ան­ծայ­րա­ծիր հո­րի­զոն­նե­րու եւ խո­րա­գոյն թա­փան­ցում­նե­րու ընդգր­կո՜ւն, տա­րո­ղու­նա՛կ խոր­հուրդ։
Իր ողջ էու­թեամբ բա­նաս­տեղծ է ­Պո­յա­ճեան ոչ միայն իր խո­հուն քեր­թո­ւած­նե­րով, այ­լեւ՝ կեան­քը իր բար­դու­թեամբ վեր­ծա­նող ար­ձակ է­ջե­րով, հո­ղի մար­դոց նե­րաշ­խար­հը պե­ղող ու վեր­ծա­նող պատ­մո­ւածք­նե­րով, հայ մտքի, մշա­կոյ­թի եւ գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­մեծ­նե­րը դի­մա­քան­դա­կող իր ի­մա­ցա­պաշտ վկա­յու­թիւն­նե­րով։
Ինչ­պէս որ ինք կը վկա­յէ իր ինք­նա­կեն­սագ­րու­թեան մէջ, Ե­դո­ւարդ ­Պո­յա­ճեան ե­րեք ամ­սու նո­րա­ծին մըն էր, երբ ­Մու­սա ­Լե­րան բուռ մը հա­յու­թիւ­նը բո­լո­րով, մե­ծով-պզտի­կով, բարձ­րա­ցաւ իր լեռ­նե­րը՝ դի­մադ­րե­լու հա­մար ցե­ղաս­պան թուրք պե­տու­թեան ե­ղեռ­նա­գործ սադ­րան­քին։
Ման­կու­թեան չորս տա­րի­նե­րը ան­ցուց ­Փոր ­Սա­յիտ, Ե­գիպ­տոս, վրան­նե­րու տակ, ուր ֆրան­սա­կան փրկա­րար ռազ­մա­նա­ւե­րը փո­խադ­րած էին ­Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­կան ժո­ղո­վուր­դը։ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին ի­րենց ծննդա­վայ­րը վե­րա­դար­ձած մու­սա-լեռ­ցի­նե­րուն հետ, ­Պո­յա­ճեան­նե­րու ըն­տա­նի­քը եւս վե­րա­հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Խ­տըր-­Պէկ, ուր Ե­դո­ւարդ ստա­ցաւ իր նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը՝ ծննդա­վայր գիւ­ղի եւ հա­րե­ւան Օ­ղուն-Օ­լու­քի «եր­կու հա­մեստ վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ»։
14 տա­րե­կա­նին, ու­սում­նա­տենչ եւ գրե­լու շնորհ­քով օժ­տո­ւած պա­տա­նի, ­Պո­յա­ճեան ղրկո­ւե­ցաւ ­Պէյ­րութ, ­Հա­մազ­գա­յի­նի նո­րա­բաց ­Հայ ­Ճե­մա­րա­նը, բարձ­րա­գոյն իր ու­սու­մը ստա­նա­լու հա­մար։ ­Շան­թի, Աղ­բա­լեա­նի եւ ­Ճե­մա­րա­նի հիմ­նա­դիր սե­րուն­դի շուն­չին տակ կազ­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ եւ ծաղ­կե­ցաւ գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան եւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան նկա­րա­գի­րը ե­րի­տա­սարդ հայ գրո­ղին։
1930էն 1935, Ե­դո­ւարդ ­Պո­յա­ճեան մնաց ­Ճե­մա­րան, ուր տա­կա­ւին ու­սա­նող՝ սկսաւ աշ­խա­տակ­ցիլ ժա­մա­նա­կի հայ մա­մու­լին, ­Պոս­թը­նի «­Հայ­րե­նիք Ամ­սա­գիր»ին, ­Փա­րի­զի «­Յա­ռաջ»ին եւ ­Պէյ­րու­թի «Ազ­դակ»ին։ 1932ին լոյս տե­սաւ իր ա­ռա­ջին աշ­խա­տակ­ցու­թիւ­նը։
1935ին, ա­ւար­տե­լով ­Ճե­մա­րա­նը, Ե­դո­ւարդ ­Պո­յա­ճեան նե­տո­ւե­ցաւ ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէզ՝ մին­չեւ մահ նո­ւի­րո­ւե­լով նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու հա­յե­ցի դաս­տիա­րու­թեան սրբա­զան գոր­ծին։ Ու­սուց­չա­կան ա­ռա­քե­լու­թեամբ գոր­ծեց ­Սու­րիոյ ­Թէլ Ա­պեատ գիւ­ղին, ծննդա­վայր Խ­տըր-­Պէ­կի, Այն­ճա­րի, ­Հա­լէ­պի, ­Քե­սա­պի եւ ­Պէյ­րու­թի մէջ։ ­Հաս­ցուց սե­րունդ­ներ, ո­րոնք կա­պո­ւե­ցան հայ գրա­կա­նու­թեան եւ մշա­կոյ­թին՝ պաշ­տա­մուն­քի աս­տի­ճան փա­րե­լով ազ­գա­յին մեր ար­ժէք­նե­րուն։
Ու­նե­ցաւ ա­շա­կերտ­ներ, ո­րոնք տի­պար ու­սու­ցի­չի եւ տա­ղան­դա­ւոր գրո­ղի իր կեր­պարն ու ա­ւան­դը կեան­քի ու­ղե­ցոյց դար­ձու­ցին։
Ու­սուց­չա­կան իր ծա­ռա­յու­թեան զու­գա­հեռ՝ Ե­դուարդ ­Պո­յա­ճեան թափ տո­ւաւ գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քին։
Մ­նա­յուն աշ­խա­տակ­ցու­թիւն բե­րաւ Կ. ­Սա­սու­նիի եւ Մ. Իշ­խա­նի խմբագ­րած «Ազ­դակ Շա­բա­թօ­րեակ»ին, Անդ­րա­նիկ ­Ծա­ռու­կեա­նի «­Նա­յի­րի»ին, ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան «­Հասկ»ին, ­Հա­մազ­գա­յի­նի «Ա­կօս»ին եւ ­Մա­նուկ Աս­լա­նեա­նի «Ազ­դա­րար»ին։ ­Մաս կազ­մեց «­Բա­գին» ամ­սագ­րի հիմ­նա­դիր ե­ռան­դամ խմբագ­րու­թեան՝ ­Կա­րօ ­Սա­սու­նիի եւ Պօ­ղոս Ս­նա­պեա­նի հետ։ ­Գոր­ծա­ծած գրչա­նուն­նե­րը ե­ղան Ալ­պաթ­րոս, ­Վազ­գէն Տի­րա­նեան, Ե. ­Սա­րենց եւ Ե. ­Ծո­վի­կեան:
1944ին լոյս ըն­ցա­յեց իր ա­ռա­ջին հա­տո­րը՝ «­Սէր եւ ­Վիշտ»ը, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին «­Հո­ղը» (1948), «­Պայ­քա­րող­ներ, պայ­քա­րող­ներ դուք գա­զա­զած» (1958), «­Թուղթ ­Զա­ւակ­նե­րուս» (1961), «­Տո­մար ­Տա­րագ­րի» (1963) եւ «Եր­կու ­Նա­մակ» (1964) գոր­ծե­րը։ Իսկ յետ մա­հու, Ե­դո­ւարդ ­Պո­յա­ճեա­նի գոր­ծե­րէն լոյս տե­սան «­Դէմ­քեր» (1967), «Եր­կեր — Ա. հա­տոր» (1968), «Ծննդա­վայր ­Կո­րու­սեալ» (1984), «Ընտ­րա­նի» (Ե­րե­ւան, 1994), «­Կեան­քի Ա­փե­րէն» (1995) եւ «­Դուն» (Ե­րե­ւան 2005) եւ «­Միտք ­Պա­հէ»։
«­Կո­րու­սեալ Ծնն­դա­վայ­րին»՝ հայ­րե­նի բռնագ­րա­ւեալ հո­ղին եւ ա­նով միս ու ոս­կոր կա­պած հայ մար­դոց եւ ազ­գա­յին ա­ւանդ­նե­րուն ինք­նու­րոյն բա­նաս­տեղ­ծը ե­ղաւ Ե­դո­ւարդ ­Պո­յա­ճեան։
Ա­ւան­դա­պա­հու­թիւնն ու նո­րա­րա­րու­թիւ­նը, զգա­ցա­կա­նու­թիւնն ու խո­հա­կա­նու­թիւ­նը, ան­ցե­լա­պաշ­տու­թիւ­նը եւ վե­րա­թար­մա­ցու­մը, հայ­րե­նա­բաղ­ձու­թիւնն ու մարդ­կայ­նա­պաշ­տու­թիւ­նը ե­զա­կի հա­մադ­րու­մի ար­ժա­նա­ցան իր գրա­կա­նու­թեան մէջ։
Ըն­կա­լեալ ի­մաս­տով գիւ­ղա­գիր մը չե­ղաւ, այլ հո­ղի մար­դի­կը ապ­րե­ցուց եւ շնչա­ւո­րեց Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տին յա­ջոր­դած մարդ­կա­յին մեծ հո­գե­րով ու խնդիր­նե­րով։
Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան եւ մշա­կու­թա­յին կեն­սու­նա­կու­թեան պատ­գա­մա­բե­րը դար­ձաւ, ա­ռանց որ անձ­նա­տուր ըլ­լայ ան­ցեա­լի մեծ ժա­ռան­գու­թիւ­նը պար­զա­պէս ըմ­բոշխ­նե­լու եւ սպա­ռե­լու փոր­ձու­թեան։
Ան­ցեա­լին նա­յե­ցաւ ու փա­րե­ցաւ՝ ներ­կա­յի խնդիր­նե­րը ու­ղիղ ճա­կա­տէն դի­մագ­րա­ւե­լու, ինք­նա­հա­ւա­տար­մու­թեամբ ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լու եւ նոր ժա­մա­նակ­նե­րուն հա­մա­հունչ գա­լի­քի ու­ղին հար­թե­լու հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ։
Բայց մա­նա­ւանդ ան­խոնջ պայ­քա­րող մը ե­ղաւ ընդ­դէմ կեղծ ար­ժէք­նե­րուն եւ հայ մշա­կոյ­թի, գրա­կա­նու­թեան ու ազ­գա­յին ա­ւանդ­նե­րու փա­րի­սե­ցիա­կան պաշ­տա­մուն­քին։
Հայ լե­զուն իր ամ­բողջ հմայ­քով ու գան­ձե­րով ճա­ռա­գայ­թեց Ե­դո­ւարդ ­Պո­յա­ճեա­նի գրա­կա­նու­թեան է­ջե­րէն, ուր բա­նաս­տեղ­ծա­կան շունչն ու պատ­կե­րա­ւոր խո­հա­կա­նու­թիւ­նը ամ­բող­ջա­պէս կը գրա­ւեն ու ի­րենց հմայ­քով կը պա­րու­րեն ըն­թեր­ցո­ղի միտքն ու հո­գին։
Ա­պա­ժամ իր մա­հով մեծ կո­րուստ ու­նե­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը։
Տա­ղան­դա­ւոր հայ գրո­ղին ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան շուն­չով վե­րա­թար­մա­նա­լու թող ծա­ռա­յեն Ե­դո­ւարդ ­Պո­յա­ճեա­նի ժա­ռան­գու­թե­նէն քա­ղո­ւած նշխար­նե­րը.ԱՐԻՒՆ ՈՒ ԽԵԼՔ
(­Մեծ Ե­ղեռ­նի 40ա­մեա­կին ա­ռի­թով)
Ապ­րիլ 24ի Ե­ղեռ­նը բա­խե­ցաւ մեր ազ­գա­յին հո­գե­կան ար­ժէք­նե­րու հզօր դի­մադ­րա­կա­նու­թեան: Ընդ­հան­րա­կան ո­ճիր­նե­րու եւ կո­տո­րա­ծի մո­լու­թիւն ու­նե­ցող մեր թշնա­մին հա­լա­ծեց մեզ, եւ սու­րիա­կան ա­նա­պատ­նե­րու սգա­պատ տա­րածք­նե­րուն վրայ ա­նոր բո­վան­դակ քսու­թիւ­նը դպաւ հայ­կա­կան կամ­քի հա­զա­րա­մեայ պրոն­զին:
Ընկր­կե­ցաւ:­Նա­հան­ջեց:
Պար­տո­ւե­ցաւ:
Ապ­րե­ցանք մենք… նաեւ՝ Ապ­րիլ 24էն ետք:
Եւ ա՛յս էր ա­հա, որ շշմե­ցու­ցիչ ե­ղաւ թշնա­միին հա­մար:
Տէր ­Զօ­րի մեր մռայլ պատ­մու­թիւ­նը իր թանձ­րա­գոյն ի­րա­կա­նու­թեամ­բը կը մնայ ան­հա­ւա­տա­լի հե­քիաթ մը միայն` սա ա­պա­բա­րոյ ու վատ դա­րաշր­ջա­նի մարդ­կու­թեան հա­մար:
Ո­րով­հե­տեւ ո­րե­ւէ ի­րա­կա­նու­թիւն պի­տի չկրնար այս աս­տի­ճան անբ­նա­կան կեր­պա­րանք­նե­րու ներ­քեւ յանձ­նո­ւիլ պատ­մա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րու հո­սան­քին:
Թող հրէ­շա­յին ա­խոր­ժակ­նե­րով ժա­մա­նա­կա­կից մարդ­կու­թիւ­նը Ապ­րիլ 24ը նկա­տէ հայ­կա­կան սար­սափ­նե­րու ան­հա­ւա­տա­լի հե­քիաթ մը:
Հոգ չէ:
Այդ ար­տա­սո­ւա­լի ու մութ հե­քիա­թը մենք վե­րա­ծած ենք աս­կէ ետք հա­մազ­գա­յին զայ­րոյ­թի ան­ծայ­րա­ծիր զի­նա­րա­նի մը, ուր­կէ Ան­կա­խու­թեան ա­րե­գակ­ներ պի­տի պոռթ­կան` ծած­կե­լու հա­մար լոյ­սով ու ջեր­մու­թեամբ, ա­րիւ­նա­թա­թաւ ու ցուրտ ճա­նա­պարհ­նե­րը մեր պատ­մու­թեան, ինչ­պէս բերկ­րան­քի ա­նուշ ա­ռա­ւօտ մը պա­տա­հե­ցաւ ա­տի­կա:
Կա՛նք:
Պի­տի մնա՛նք:
Վճ­ռած ենք ա­տի­կա:
Մեր վեր­ջին խօսքն է, որ ա­հա ա­ռաջ կ­՛ը­սենք:
Ապ­րե­լու մեր հա­ւա­տամ­քին իբ­րեւ խա­րիսխ` ունինք մեր պատ­մու­թիւ­նը, սկիզ­բէն մին­չեւ այ­սօր:
Սեւ փո­թո­րի­կը չկրցաւ բնա­ջինջ ը­նել մեզ:
Քա­նի մը տա­րի ետք, հե­ղե­ղա­յին շքե­ղու­թեամբ ­Մա­յի­սին, աշ­խարհ տե­սաւ, թէ կոր­սո­ւած հա­յը ստեղ­ծած է իր Ան­կա­խու­թիւ­նը: ­Կը քա­լէ բարձ­րագ­լուխ ու պայ­ծառ դրօ­շով, յաղ­թա­կան Ե­ռա­գոյ­նով:
Արդ`
Ե­ղե­րա­կան մի­լիո­նի մը սեւ թո­ւա­կա­նը` անդ­րա­դար­ձած հա­յու­թեան վրայ նախ որ­պէս յա­ւի­տե­նա­կան սուգ եւ բար­կու­թիւն, ե­ղած է տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ու կը շա­րու­նա­կէ ըլ­լալ որ­պէս ա­զատ ազգ ապ­րե­լու կա­տա­ղի կամք մը, մեր ա­մէ­նէն յստակ գի­տակ­ցու­թիւն­նե­րէն մէ­կը:
Ան­վի­ճե­լի ի­րո­ղու­թիւն է այ­սօր, թէ ո­ճի­րի եւ քսու­թեան ան­մո­ռա­նա­լի թո­ւա­կա­նէն ետք, ազ­գա­յին ա­զատ կեան­քի գի­տակ­ցու­թիւ­նը մե­ծա­պէս ընդ­հան­րա­ցած, ար­մա­տա­ցած է հա­յուն հա­ւա­քա­կան էու­թեան մէջ:
Ապ­րիլ 24ը հա­յու­թեան ա­մէ­նէն տխուր թո­ւա­կա­նը ե­ղաւ:
Քա­ռա­սուն տա­րի ը­սինք ա­սի­կա ի­րա­րու, ը­սինք աշ­խար­հին:
Քա­նի մը տաս­նա­մեակ լա­ցինք միայն, քա­նի մը տաս­նա­մեակ զայ­րա­ցանք միայն:
Բայց քիչ մտա­ծե­ցինք` ա­ռողջ դա­սեր առ­նե­լու հա­մար ան­կէ:
Ե­թէ նախ քան այդ թո­ւա­կա­նը մենք ա­ւե­լի լաւ ճանչ­նա­յինք մեր թշնա­մին, ե­թէ գիտ­նա­յինք, որ իր շա­հուն հա­մար ան ըն­դու­նակ է լա­ւա­գոյն ճամ­բայ նկա­տե­լու հա­յուն ամ­բող­ջա­կան բնաջն­ջու­մը, հա­ւա­նա­բար խնա­յո­ւէր մե­զի ապ­րի­լեան այս­քան զար­հու­րանք, այս­քան ան­բաղ­դա­տե­լի կո­րուստ:
Ե­թէ կրցանք վե­րապ­րիլ, բազ­մա­նալ ու զօ­րա­նալ նո­րէն, ա­տի­կա կը պար­տինք ոչ այն­քան մեր քա­ղա­քա­կան հա­սու­նու­թեան, քան` հա­յու այն մա­քուր ա­րիւ­նին դի­մադ­րա­կան ու­ժին, եւ ա­ռա­քի­նու­թին­նե­րուն:
Բայց ե­թէ կ­՛ու­զենք իս­կա­պէս ան­պար­տե­լի դառ­նալ, իս­կա­պէս օգ­տա­կար դաս մը հա­նել Ապ­րիլ 24էն, հարկ է հա­յուն մա­քուր ա­րիւ­նին վրայ գու­մա­րել քա­ղա­քա­կան շատ ա­ւե­լի բարձր հա­սու­նու­թիւն մը, քան ու­նինք այ­սօր: ­Լա­լը սոր­վե­ցանք ու կի­րար­կե­ցինք մեր փրկու­թեան հա­մար:

Տե­սանք, որ օ­գուտ չ­՛ը­ներ:
Վ­րէժ բա­ռին ի­մաստն ալ լա­ւա­պէս ու­սում­նա­սի­րե­ցինք:
Ան ալ ա­մէն բան չէ:
Պէտք է հա­մո­զո­ւինք այ­լեւս, որ հա­յուն հին ու մաք­րա­մա­քուր ա­րիւ­նը ա­մէն բա­նէ ա­ւե­լի պէտք ու­նի խել­քի: ­Վասն­զի կեան­քին բո­լոր զէն­քե­րը մա­քուր ա­րիւ­նի մը հետ գոր­ծող զօ­րա­ւոր խել­քի մը մէջ են ի վեր­ջոյ: Ե­թէ կ­՛ու­զենք հաս­նիլ մեր ազ­գա­յին ի­տէալ­նե­րուն, պէտք է տե­ւա­բար գոր­ծա­կից ըլ­լան ի­րա­րու եր­կու բան.- Ա­րիւն ու ­Խելք…

ԳԱԳԱԹՆԱԿԷՏ` ԲԱՂՁԱՆՔԻ ՄԸ ՎԱՂԱՆՑՈՒԿ»

Քովդ ըլ­լալ, նա­յիլ քեզ,
Քովդ ըլ­լալ, լսե՛լ քեզ,
Քովդ ըլ­լալ եւ խօ­սիլ
Քովդ ըլ­լալ ու լռել…:
Գալ լոյ­սէն ա­ռաջ, գալ մու­թէ՛ն ա­ռաջ,
Աստ­ղե­րէն կա­նուխ,
Հո­վը դեռ չե­կած`
Մտ­նել հո­գիիդ կի­սա­բաց դռնէն…
Բո­լորն երբ մեկ­նին.
Երբ որ քու­նը գայ ու դար­ձեա՛լ մեկ­նի,
Դեռ քեզ հե՛տ մնալ, սիրտ-սրտի՛ մնալ:
Քո՛ւ եր­ջան­կու­թեան ի­տէա­լը մնալ:
Քու ա­նու­նէդ ա­ւե­լի քեզ մօ՛տ ըլ­լալ,
Սր­տէդ ա­ւե­լի քե­զի պէտք ըլ­լալ,
Քու վրադ ցա­նո­ւող ափ մը հող ըլ­լալ,
Եւ ար­ցունք ըլ­լալ, լռու­թիւն ըլ­լալ,
Քե­զի Աստ­ծոյ տա­նող գի՜րկն ըլ­լալ:

Տարերային Ահազանգներ

0
0

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Այս տարի նախորդ տարիներէն քիչ մը աւելի, եւ ամէն տարի վստահաբար աւելի ու աւելի կը համոզուինք, որ մեր միջավայրը, բնութիւնը արագ կշռոյթով դէպի քայքայում ու կործանում կը սլանայ, իսկ այդ աղիտալի հեռանկարին պատասխանատուն մե՛նք ենք, բոլորս եւ իւրաքանչիւրս:

Մե՛նք ենք, որովհետեւ տակաւին մեզմէ շատերս մեր անմիջական բակէն, ինչպէս կ՛ըսեն՝ մեր քիթէն անդին չենք ուզեր տեսնել, մեր հանգիստէն ու գրպանէն բացի ուրիշ ոչ մէկ բանի մասին կ՛ուզենք մտածել, «Աշխարհը թող քանդուի, միայն մեր տունն ու տեղը թող անվնաս մնայ»ի տրամադրութեամբ կը վարենք մեր կեանքը, մեր առօրեան:

Այդպէս կարելի չէ՛: Մարդկային ընտանիքը աշխարհով մէկ իրարու կապուած է, եւ մեր մոլորակին ճակատագիրը, անոր պահպանումը, անոր փրկութիւնը այլեւս բոլորիս պատասխանատուութիւնն է: Եթէ ամէն օր մեր դրան մօտեցող մրրիկները, փոթորիկները, ողողումները, հեղեղներն ու հրդեհները, հողասահանքներն ու երկրաշարժները մինչեւ հիմա չեն համոզած մեզ, թէ իւրաքանչիւրս պարտի զգայնութեամբ, նոյնիսկ չափազա՛նց զգայնութեամբ վերաբերիլ բնութեան հետ, ապա փորձենք մեր բաժին զգուշաւորութիւնը չզլանալ ու խնայել ամէն ինչ, որ կրնայ փոքր իսկ վնաս պատճառել միջավայրին: Այսինքն՝ խնայենք ջուրը, ելեկտրականութիւնը, մաքուր պահենք օդը, չաղտոտենք բնութիւնը, խուսափինք թունաւոր նիւթերէն, թիկունք կանգնինք քաղաքական այն թեկնածուներուն, որոնք նոյն զգայնութիւնը կը ցուցաբերեն, թիկունք կանգնինք այնպիսի օրինագիծերու, որոնք կը պաշտպանեն բնութիւնն ու միջավայրը:

Չզգաստացողները ուղղակի տարերքի քմահաճոյքին թողած պիտի ըլլան իրենց թոռներուն եւ նոյնիսկ զաւակներուն ճակատագիրը:

Ունկնդիր ըլլանք տարերային աղէտներուն հնչեցուցած ահազանգներուն:

asbarez.com

Հպարտ եմ դաշնակցական երիտասարդներով

0
0

ՍԱՐԳԻՍ ՄԿՐՏՉԵԱՆ

2017 թ. յուլիս, օգոստոս և սեպտեմբեր ամիսները ՀՅԴաշնակցութեան երիտասարդների համար աշխատառատ ամիսներ էին։

Ութ երիտասարդական և ուսանողական միութիւնների միջոցով Հայաստանի և Արցախի 12 շրջաններում իրականացուեցին պատանեկան ճամբարներ, որոնց մասնակցեցին աւելի քան 2500 պատանիներ։

ՀՅԴ Սփիւռքի երկու երիտասարդական միութիւններ իրենց տարեկան բանակումն իրականացրեցին Հայաստան-Արցախում։

Տեղի ունեցաւ ՀՅԴ պատանեկան միութիւնների երրորդ հայաստանագնացութիւնը, որին մասնակցեցին 230 պատանիներ՝ տարբեր երկրներից։

Առաջին անգամ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԱՊՀ ուսանողական բանակում, որին մասնակցեցին 100 ուսանողներ։

Եւ ի վերջոյ Ընկերվարական երիտասարդների միջազգային միութեան շրջանակներում տեղի ունեցաւ ճանաչողական այցելութիւն Արցախի Հանրապետութիւն, որին մասնակցեցին 18 երկրների 25 օտարազգի երիտասարդ քաղաքական գործիչներ։

Վերոշարադրուած աշխատանքների մասին ժամանակին զանգուածային լրատուամիջոցներով հանրութեանը տեղեակ պահուել է և այս գրութիւնը մէկ անգամ նորից կատարուած աշխատանքները թուարկելու համար չէ։

Այս գրութիւնը իմ, որպէս ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատուի, ով համակարգում կամ կազմակերպում է վերոյիշեալ աշխատանքները, շնորհակալական խօսքն է դաշնակցական երիտասարդներին։ Նրանք մեր հպարտութիւնն են։ Մեր հպարտութիւնն են թէ նրանք, ովքեր հրապարակի վրայ են ու թէ նրանք, ում աշխատանքն ակնառու չէ, բայց վարագոյրի հետևում վիթխարի աշխատանք են կատարում։

Իրօք հիացմունքի առիթ է տեսնելը այն տասնեակ ու հարիւրաւոր երիտասարդներին, ովքեր մէկ-մէկուկէս տարի, օրնիբուն աշխատում են որոշակի գաղափարներ յաջողութեան պսակելու համար։ Երբեմն իրար հետ համակարծիք, երբեմն տարակարծիք, երբեմն հաշտ ու համերաշխ, երբեմն մէկ-մէկու հետ կռիւ տալով, բայց միշտ բոլորի հայեացքը դէպի միևնոյն նպատակն է՝ դէպի դաշնակցական գործի յաջողութիւնը։

Ինչպիսի՛ հետևողականութիւն, ինչպիսի՛ կարգապահութիւն, ինչպիսի՛ նուիրում… Ուղղակի ապշեցուցիչ է ու հանելուկային, թէ ինչպէս կարող է 127 տարուայ կուսակցութեան նոր սերունդը այդպէս անձնուիրաբար իր ժամանակը, իր էներգիան, իր գրպանի դրամը ներդնի հաւաքական գործի յաջողութեան համար։ Այս ինչ ներուժ գոյութիւն ունի ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան, Դաշնակցութեան արժէհամակարգի, սկզբունքների ու երեք դարերի կտրուածքով ժառանգութեան մէջ, որ նոր սերունդը ոգի ի բռին ծրագրում ու իրականացնում է տեսակ-տեսակ աշխատանքներ՝ պատանիների դաստիարակութիւնից սկսած մինչև ուսանողական խնդիրների քննարկում ու բարձրաձայնում, հայկական նոր համայնքների կազմակերպումից մինչև՝ քաղաքական-յարաբերական աշխատանքներ։

Ես հպարտ եմ դաշնակցական երիտասարդներով։ Ուրախ եմ, որ ինձ բախտ է վիճակուել այս տեսակի երիտասարդների հետ աշխատել։ Երիտասարդներ, ովքեր ունեն ազգային մտածողութիւն, քաղաքական գիտակցութիւն, պատասխանատւութեան զգացում, սկզբունքայնութիւն, կարգապահ են ու կազմակերպուած։ Եւ ի վերջոյ, երիտասարդներ, ովքեր իրենց աշխատանքով ինձ համար օրինակ են հանդիսանում ու նոր շունչ ու լիցք հաղորդում։

Ընկերնե՛ր, վարձքներդ կատա՛ր։

12 հոկտեմբեր, 2017 թ.


Քաղաքական Անդրադարձ. Պալուչիները Եւ Պալուչական Ազգային-Ազատագրական Պայքարը

0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Պալուչներու հայրենիքը կը գտնուի Փաքիստանի արեւմտեան, Աֆղանիստանի հարաւային եւ Իրանի հարաւարեւելեան շրջանին մէջ: Պալուչները կը խօսին պալուչերէն (հնդեւրոպական լեզու մը), անոնց թիւը կը հասնի մօտ տասը միլիոնի, որոնցմէ աւելի քան 8 միլիոնը կը բնակի Փաքիստանի, իսկ մօտ 1,5 միլիոնը Իրանի մէջ: Անոնք կը պատկանին իսլամական սիւննի դաւանանքին:

Մինչեւ օրս պատմաբանները կը վիճին պալուչներու արմատներուն եւ ծագման հարցին շուրջ, սակայն մեծամասնութիւնը կը համաձայնի Նասիր Տաշթիի այն կարծիքին, որ պալուչները ծագած են Հայկական Բարձրաւանդակէն, մասնաւորապէս` Վանի շրջանէն, այլ պատմաբաններ կը նկատեն, որ մօտ 1000 տարի առաջ պալուչները գաղթած են Կասպից ծովունշրջաններէն եւ հաստատուած` պարսկական հարաւարեւելեան շրջանները:

17-րդ դարուն, երբ պարսկական եւ մոնկոլական պետութիւնները սուր հակամարտութեան մէջ էին, պալուչները, շնորհիւ իրենց խորամանկ քաղաքականութեան, կրցան օգտուիլ կացութենէն եւ առիթը ունեցան ստեղծելու իրենց առաջին անկախ իշխանութիւնը Միր Հասանի ղեկավարութեամբ: Սակայն 1839-ին անգլիացիք բռնի ուժով այդ շրջանը իրենց կայսրութեան ենթակայ դարձուցին` միացնելով զայն Հնդկաստանին:

Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի անկախացումով պալուչները կորսնցուցին իրենց դերակատարութիւնը, եւ իրենց հայրենիքը բաժնուեցաւ երեք մասերու` Աֆղանիստանի, Փաքիստանի եւ Իրանի միջեւ: Հակառակ անոր որ պալուչներուն քաղաքական եւ ժողովրդագրական կշիռը կը գտնուի Փաքիստանի մէջ, սակայն անոնց ազգային ինքնորոշման խնդիրը միշտ ալ ոտնակոխուեցաւ եւ անոնց ղեկավարները աքսորուեցան: 1968-ին ձախակողմեան պալուչ երիտասարդներ Դամասկոսի մէջ հիմնեցին Պալուչական ազատագրական ճակատը, որ 1968-1980 զինեալ պայքար մղեց իրանեան եւ փաքիստանեան Պալուչիստանի մէջ:

Այս կազմակերպութիւնը հիմնուած էր մարքսական գաղափարներու վրայ, սակայն իր ազգային-ազատագրական պայքարի բնոյթը չէր կորսնցուցած: Կը յիշեմ, երբ առաջին անգամ հանդիպեցայ եւ զրուցեցի պալուչ գործիչներու հետ 2013-ին. չեմ մոռնար անոնց կարգախօսը` «Ազգութիւնս պալուչականութիւնն է, իսկ կրօնս`  չէկեւարայութիւնը»: Անոնցմէ շատերը ուսանած էին Քուպա եւ կ՛երազէին այդ երկրին նման` նոյնօրինակ յեղափոխութիւն վարել լեռներու վրայ, անոնք շատ ազդուած են Քրտական աշխատաւորական կոսակցութեան գաղափարներէն եւ իրենց պատմութիւնը կը փորձեն նմանցնել շրջանի ընկճուած ժողովուրդներու (ներառեալ` հայերը) պատմութեան: 2014-ին խումբ մը պալուչ երիտասարդներ այցելեցին Հայաստան եւ սկսան խորապէս ուսումնասիրել Հայոցցեղասպանութեան եւ պալուչական ցեղային մաքրագործման ընթացքը Փաքիստանի մէջ:

Տեսնելով, որ իրենց դատը այլ ելք չունի, եւ քաղաքական ու դիւանագիտական հոլովոյթները ապարդիւն են, պալուչները անցան զինեալ պայքարի մարտավարութեան: 2000-ին հիմնուեցաւ Պալուչական ազատագրական բանակը, որ ազդեցիկ յարձակումներ կատարեց Փաքիստանի մէջ: Հակառակ անոր որ Փաքիստան Հնդկաստանը եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կ՛ամբաստանէ պալուչներուն նեցուկ կանգնելու յանցանքով, սակայն այս ամբաստանութիւնը շօշափելի փաստերու վրայ չէ հիմնուած:

2003-ին Իրանի մէջ հիմնուեցաւ Ժունտալլահ (Աստուծոյ զինուոր) կազմակերպութիւնը, որ պալուչական, սակայն սալաֆական կազմակերպութիւն մըն էր, որուն հիմնական նպատակն էր Իրանի հարաւարեւելեան շրջաներուն մէջ ստեղծել իսլամական հանրապետութիւն մը: Իրանի կառավարութիւնը Սէուտական Արաբիան ամբաստանեց այս կազմակերպութեան նեցուկ կանգնելու եւ զայն ֆինանսաւորելու յանցանքով: Մինչեւ օրս Ժունտալլահ կազմակերպութիւնը սպաննած է 174 իրանցի քաղաքացի եւ վիրաւորած` 320 ուրիշներ, ան կապեր ունի ահաբեկչական Քայիտա կազմակերպութեան հետ: Ժունտալլահը անջատուեցաւ Պալուչական ինքնավարական կազմակերպութենէն», որ հիմնուած էր Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի կողմէ 1980-ականերուն` յարձակումներ կատարելու կամ ահաբեկելու համար իրանցի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ: Հակառակ անոր որ Ժունտալլահի ղեկավարներէն Ապտուլ Մելիք Ռիկի յայտարարած է, որ ինք չ՛ուզեր անջատուիլ Իրանէն,այլ ինքզինք կը նկատէ իրանցի սիւննի, եւ իր կազմակերպութեան պայքարը ո՛չ միայն պալուչներուն, այլեւ Իրանի մէջ բոլոր ընկճուած սիւննիներուն պայքարն է, այսուհանդերձ Ժունտալլահի գլխաւոր աքթերէն մէկը եղաւ 2005-ին Իրանի նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի դէմ կատարուած մահափորձը:

Գաղտնիք մը չէ, որ Սէուտական Արաբիա եւ Իսրայէլ Իրանի դէմ օգտագործեցին պալուչական դատը, եւ Իրաքի պատերազմէն ետք, երբ ամերիկեան լրատուամիջոցները հրապարակեցին «Նոր Միջին Արեւելք»-ի քարտէսը, այդտեղ Պալուչիստան անկախ երկիր մըն էր, բան մը, որ խուճապի պատնեց Իրանի եւ Փաքիստանի վարչակազմերը: Այսօր մանաւանդ, երբ Իրաքի մէջ քիւրտերը սկսան նոր քարտէսներ գծել շրջանին մէջ,շատեր կը կարծեն, որ` «այս բոլորը կայսերապաշտական գործեր են», բայց նոյնինքն անոնք կը մոռնան, որ դարերու ընթացքին իրենք ճնշեցին իրենց տիրապետութեան տակ ապրող ազգերը:

Մեր առջեւ ի յայտ կու գայ իրականութիւն մը` ըսելու համար, որ շրջանին մէջ նոր քարտէսներ գծելու ժամանակը կարծես եկած է, եւ ազգայնական շարժումները, հակառակ համաշխարհայնացումին, երբեք չկորսնցուցին իրենց ազգային դիմագիծը, այլ պահպանեցին եւ արդիականացուցին զայն: Սակայն բազմաթիւ ազգային-ազատագրական շարժումներ ինկան մեծ պետութիւններու շահերուն ծուղակին մէջ, այսօր քրտական հարցը ատիկա կ՛ապացուցէ: Ինչ որ պատահեցաւ Քաթալոնիոյ եւ Իրաքի քրտական մարզին մէջ, կրնայ առիթ դառնալ նոր հանրաքուէներու կամ արիւնով ներկուած նոր սահմաններու: Այդ սահմանները շատ ալ կայուն պիտի չըլլան, որովհետեւ միշտ ալ աշխարհաքաղաքական քարտէսը կը փոխուի` շնորհիւ շահերու, եւ պալուչական հարցը թէ՛ Իրանի եւ թէ՛ Փաքիստանի մէջ դարձեալ կրնայ սեղանի վրայ դրուիլ` ճնշում բանեցնելու համար այս երկու երկիրներուն վրայ:

Yeghia.tash@gmail.com

 

 

Խմբագրական «Ազատ Արցախ»ի

0
0

Ինչպէս յայտնի է, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի գործունէութիւնից հիասթափուած, որը, ի դէպ, ինքն է մինչ օրս սաբոտաժի (խափանարարութեան-Խմբ.) ենթարկում, պաշտօնական Բաքուն չէր թաքցնում ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացն այլ ատեաններ, մասնաւորապէս՝ ՄԱԿ տեղափոխելու իր մտադրութիւնները: Աւելին, Ադրբեջանն անգամ փորձում էր ռեվիզիայի (վերանայման-Խմն.) ենթարկել հակամարտութեան կարգաւորման մասով ԵԱՀԿ հիմնարարար փաստաթղթերն ու սկզբունքները՝ առաջարկելով հիմնախնդիրը լուծել ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհրդի յայտնի չորս բանաձեւերի հիման վրայ, որոնք ընդունուել են 1993թ. Ապրիլից մինչեւ Նոյեմբեր: Պէտք է նկատել՝ արդէն առաջին տարին չէ, որ ալիեւեան ռեժիմը (վարչակարգը-Խմբ.) շահարկում է այս բանաձեւերը՝ չափազանց ընտրովի ձեւով դրանցից պոկելով այն դրոյթները, որոնք բխում են լոկ իր շահերից: Ինչպէս դժուար չէ կռահել՝ ադրբեջանական կողմը շեշտադրում է անում, այսպէս կոչուած՝ գրաւուած տարածքներից հայկական ուժերի դուրսբերման վրայ՝ լիովին անտեսելով ՄԱԿի բանաձեւերի միւս պահանջները:

Մինչդեռ բանաձեւերն իրենցից ներկայացնում են պահանջների համալիր, ուստի դրանց մի մասի կատարումն ու միւսների անտեսումը խաթարում է բանաձեւի կատարումն ընդհանուր առմամբ: Այս կապակցութեամբ անհրաժեշտ է նշել, որ դրանց կարեւորագոյն պահանջը բոլոր տեսակի ռազմական գործողութիւնների եւ թշնամական քայլերի անյապաղ դադարեցումն էր կայուն հրադադար հաստատելու նպատակով: Ինչպէս անհրաժեշտ է նշել եւ միւս՝ ոչ պակաս կարեւորութիւն ունեցող հանգամանքը, այն է՝ ինքնավստահ կերպով յոյսեր կապելով հակամարտութեան ուժային լուծման հետ, հէնց Ադրբեջանն էր հրաժարւում կատարել այդ հրամայական պահանջը, ինչի պատճառով տուեալ դրոյթը «շրջում էր» մի բանաձեւից միւսը:

Աւելորդ չէր լինի նշել, որ անգամ ՄԱԿի ԱԽ վերջին՝ ղարաբաղեան չորրորդ բանաձեւի ընդունումից գրեթէ քառորդ դար անց Բաքուի իշխանութիւնները չեն դադարեցնում ռազմական գործողութիւններն ու թշնամական քայլերը, ինչը հաստատում են հրադադարի ռեժիմի մշտական կոպիտ խախտումներն ու զինուած դիւերսիաները (խոտորեցման յարձակումները-Խմբ.), որոնց գագաթնակէտը դարձաւ անցեալ տարուայ ապրիլեան պատերազմը: Եւ ահա այս համապատկերին Ադրբեջանն իրեն թոյլ է տալիս վիրաւորուածի դիրք ընդունել ու Հայաստանին մեղադրել զօրքերի դուրսբերմանը վերաբերող բանաձեւերի պահանջները չկատարելու, իսկ ողջ քաղաքակիրթ աշխարհին՝ երկակի չափորոշիչներ կիրառելու մէջ: Այն դէպքում, երբ բանաձեւերից Ո՜Չ ՄԷԿԻ ՄԷՋ Երեւանին ուղղուած նման պահանջ չկայ, միայն երկրորդն ու չորրորդն ընդամէնը կոչ են պարունակում Հայաստանի կառավարութեանը՝ օգտագործելու իր ազդեցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հայերի վրայ՝ բանաձեւերի դրոյթների կատարումն ապահովելու համար:

Արդեօք այս մասին գիտե՞ն Ադրբեջանում: Բնականաբար՝ գիտեն, ինչը, սակայն, Բաքուին չի խանգարում տարէցտարի միջազգային տարբեր ամբիոններից տարածել կեղծիք՝ խեղաթիւրելով ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհրդի բանաձեւերի էութիւնը: Բայց գոնէ ՄԱԿում սեփական բանաձեւերին քաջ ծանօթ են: Պատահական չէ, որ Ադրբեջանի կողմից յիշեալ փաստաթղթերի փարիսեցիաբար վկայակոչումը Միաւորուած Ազգերի Կազմակերպութեան կողմից բացարձակապէս որեւէ արձագանգ չի ստանում: Եւ հակառակը՝ Բաքուի իշխանութիւնների համար ՄԱԿի վիրաւորական լռութիւնը յարուցեց Ադրբեջանի ղեկավարութեան ոչ-համարժէք արձագանգը: Ծիծաղելի է թւում, բայց ալիեւեան ռեժիմը, որը մի ժամանակ որոշել էր փոխել կողմնորոշումը եւ ջանքեր չէր խնայում հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը Մինսկի խմբի ձեւաչափից տեղափոխելու ՄԱԿի հովանու ներքոյ, այժմ արդէն չի թաքցնում իր ահաւոր վիրաւորանքը միջազգային այդ կազմակերպութեան հանդէպ:

Հոկտեմբերի 4ին Ադրբեջանի փոխվարչապետ Ալի Հասանովը ՄԱԿի Ժնեւի բաժնի ղեկավար Միխաել Միւլլերի հետ հանդիպմանը սրտնեղած գանգատուել է, որ «ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհրդի՝ լեռնայինղարաբաղեան հակամարտութեան հարցով ընդունուած բանաձեւերը մնում են չկատարուած, եւ, դժբախտաբար, միջազգային հանրութիւնը աչք է փակում դրա վրայ»: Ընդսմին, առանց սեփական աչքը թարթելու, չկարողացաւ առաջարկել աւելի լաւ բան, քան… ՄԱԿում կառուցուածքային փոփոխութիւններ եւ բարեփոխումներ անցկացնել Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանաձեւերի կատարման համար: Յեղափոխական գաղափար է, խօսք չկայ: Իսկ եթէ աւելի պարզ արտայայտուենք, ապա Բաքուն բռնկուել է նոր խելառութեամբ՝ բարեփոխումներ ՄԱԿի պատերի ներքոյ:

Միանանք ալիեւեան ռեժիմի համարձակ երեւակայութեանը եւ զուտ ենթադրաբար հնարաւոր համարենք, որ ՄԱԿի նոր ղեկավարութիւնը յօգուտ Ադրբեջանի որոշել է բարեփոխուել, որպէսզի հասնի սեփական բանաձեւերի կատարմանը: Բայց դրա համար որպէս սկիզբ ՄԱԿի պաշտօնեաները ստիպուած կը լինեն վերընթերցել այդ փաստաթղթերի բովանդակութիւնը պարզելու համար՝ ով եւ ինչպէս է կատարել, կամ չի կատարել նրանց պահանջները: Ինչպէս իւր ժամանակ նշել է 1992-1996թթ. Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Ռուսաստանի միջնորդական առաքելութեան ղեկավար, հակամարտութեան կարգաւորման գծով ՌԴ նախագահի լիազօր ներկայացուցիչ եւ Մինսկի խմբի համանախագահ Վլադիմիր Կազիմիրովը՝ Անվտանգութեան խորհրդի բանաձեւերը չկատարելու հարցում «առաջնութեան արմաւենին» անվիճելիօրէն պատկանում է ադրբեջանական կողմին: Եւ նման իրավիճակում ի՞նչ կը ներկայացնի Ադրբեջանը որպէս փաստարկ: Վերը շարադրուածի լոյսի ներքոյ, հաւանաբար՝ ոչինչ. նրա յանցաւորութեան հետքերն ակնյայտ են: Բայց ահա ինչը նա հաստատ կարող է ստանալ՝ միջազգային հերթական սկանդալն (գայթակղութիւնը-Խմբ.) է, որը նրա յայտնի «խաւիարային դիւանագիտութեան», Մերձաւոր Արեւելքում ահաբեկչական խմբաւորումներին սպառազինութեան օդային մատակարարումների հետ կապուած պատմութեան եւ աղմուկ հանած կոռուպցիոն (կաշառակերութեան-Խմբ.) «Ադրբեջանական լուացարան»ի հետ մէկտեղ կարող է մի լաւ արատաւորել իշխող ռեժիմի առանց այդ էլ կեղտոտ վարկանիշը: Ու այդ կեղտը հազիւ թէ ի վիճակի է լուանալ անգամ «Ադրբեջանական լուացարան»ը:

Համաժողովներէ, Փառատօներէ Եւ Հրավառութիւններէ Ետք` Արարատեան Դաշտ…

0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Յոռեգոյն հայրենասիրութիւնը զբօսաշրջութեան մէջ թաղուելու գոհունակութիւնն է, որուն բեմերն են` Երեւանի ճաշարանները,  Տաթեւի վանք տանող ճոպանուղին, մօտակայ Թիֆլիսը, Սեւանը եւ ամէն օր սիրտ ցաւցնող գերի Արարատի պատկերը հորիզոնին վրայ:

Երթալ Մասիս, երթալ Երեւանի մաս կազմող Չարբախ, կամ Արարատեան դաշտի բանաստեղծական անուններով գիւղերը: Հոն է, որ կը լսէք պատմութեան արձագանգները, ոչ միայն Սարդարապատի յուշարձանի զանգերը: Ականջ դրէք հողին, ականջ տուէք հովին եւ ինչե՜ր կը լսէք:  Հայոց պատմութիւնը հոն գրուած է եւ հոն պիտի գրուի, ոչ` մեծ ոստանի վաճառատուներուն եւ զուարճութեան վայրերուն մէջ: Մայրաքաղաքներ: Մշակուած արտեր: Ճամբու եզրին լոլիկ, դեղձ, խաղող, ձմերուկ, ընկոյզ, հոն վաճառող հայ գիւղացիներ:

Այս գինովցնող տպաւորութիւնները այդքան են միայն, մոռցուելու դատապարտուած լուսանկարներու պէս, որոնք անհոգի յիշատակներ պիտի ըլլան: Եթէ ճշմարիտ հայրենասէր ենք, պէտք է գիտնանք անջատուիլ Արարատեան դաշտը հատող ճանապարհէն, եզերել գիւղերը, կանգ առնել ճամբու վրայ յուլօրէն կանգնած հորթի մը դիմաց, որ ի վերջոյ կը բարեհաճի թոյլ տալ, որ ինքնաշարժը յառաջանայ: Գիւղեր` Մրգաշատ, Բամբակաշատ, Ջրաշէն… Տուներ` կիսաքանդ, կողքին` գեղակառոյց առանձնատուներ, ցանկապատուած ընդարձակ կանաչ այգիներ, յամեցող ամրան շոգին տակ հեւացող արտեր:

Հայաստանը Արարատեան դաշտն է: Այսպէս է հայրենակարօտ զբօսաշրջիկի աչքի խրախճանքը, երբ կը դադրի հայաշխարհը զբօսաշրջիկի աչքով դիտելէ:

Բայց այդ գիւղերը սոսկ յուզիչ համայնապատկեր չեն, անոնք տուն են, ուր կ՛ապրին մարդիկ, արտ են` ուր գիւղացիները հողը կը մշակեն, կը հնձեն, կը քաղեն, որպէսզի ապրին իրենք տէր մնալով հողին` ապրեցնեն հայրենիքը: Քաղաքներու գռիհներէն հեռու` բնութեան արժէքին ծարաւ հայրենասէր զբօսաշրջիկը, երբ կը հրէ Մրգաշատի գիւղացիի տան կիսաբաց դուռը, մոռցուած թրիքի հոտը զինք կը բերէ բնութեան մէջ:

Եթէ քաղաքաբնակի մեր հանգիստը խռովէինք, յետմիջօրէ մը նստէինք հինցած, բայց մաքուր աթոռներներուն եւ զրուցէինք գիւղացիին հետ, այր եւ կին, շատ աւելի բան կ՛իմանայինք, քան ինչ որ կ՛ըսեն Հայաստանի եւ սփիւռքներու թերթերը, ձայնասփիւռները, հեռատեսիլի կայանները:

Հոս ոչ ոք պիտի խօսի հազար հոգիով ճաշկերոյթի, Վրաստանի ծովափ երթալով հանգստանալու, Լոս այցելութիւններու եւ մեկնումներու, գերմանական մակնիշով ինքնաշարժներու մասին: Ֆրանսացին, երբ կը խօսի մայրաքաղաքէն հեռու գտնուող գիւղերու եւ աւաններու մասին, կ՛ըսէ` la France profonde, այսինքն խառնարան քաղաքներու ազդեցութենէն զերծ հարազատ հեռու աշխարհը: Այդպէս են նաեւ մեր փոքրիկ երկրի մայրաքաղաքէն քարընկէց մը հեռու գիւղերը եւ շէները:

Զբօսաշրջիկը պիտի մտմտայ եւ խօսի տեսնելիք եւ տեսած վայրերու մասին, իսկ գիւղացին կը խօսի իր չորցած եւ բերք չտուած կեռասենիներուն եւ չաճած լոլիկներուն մասին, քանի որ ջուր չեն տուած, երբ ճամբուն վրայ տեսած էինք հեկտարներու տարածութեամբ ցանկապատուած, խնամուած եւ կանաչ այգիներ: Ջուր չեն տուածի հակասութիւնն իսկ:  Արդէն աշուն է, եւ գիւղացին բերք չէ ունեցած, որ ծախէ եւ ապահովէ իր տունը տաքցնելու համար անհրաժեշտ վառելիքը, քանի մը հարիւր տոլար: Այս մէ՞կն ալ պիտի ստիպուի վաճառել իր արտը, ինչպէս` Մասիսի գիւղացին, որ 2000 քառակուսի մեթրի համար կ՛ակնկալէր միայն 8000 տոլար եւ գնող չէր գտներ:

Կը լսէի: Ռունգերովս կ՛ապրէի պահը: Հարթ տարածութեան մը վրայ փռուած էին մուգ գինեգոյն ծոթրինի խուրձերը` չորնալու համար, մեղմացնելով ճնշող անզօրութեան լռութիւնը: Ինչո՞ւ ջուր տրուած է մեծ այգիներուն, որոնց տէրերը գիւղացի չեն երբեմն հայրենաբնակ ալ չեն, եւ չորնալու դապարտած են գիւղացիին արտը եւ կեռասենիները:

Ի՞նչ կը կշռեն չաճած լոլիկները եւ չորցած կեռասենիները` բաղդատած տօնախմբութիւններու, ճառերու, շքանշաններու տուչութեան… Ի՞նչ կը կարծէք, որ պիտի ընէ գիւղացին, եթէ քանի մը հարիւր տոլար չճարէ ձմրան ցուրտին դէմ պաշտպանելու համար իր զաւակները, կինը, ինքզինք: Թերեւս պիտի հրաժարի հողին տէր ըլլալու առաքինութենէն, պիտի լքէ զայն ու երթայ Մոսկուա` ճամբաները սալայատակելու, կամ ինք ալ ցուցանակ մը պիտի դնէ իր տան եւ արտին վրայ գրելով` «Վաճառւում է»…

Եթէ Հայաստան եկող բազմահազար «հայրենասէր» զբօսաշրջիկները երթային գիւղերը եւ հոն առանց ճաշկերոյթի եւ օղիի հայրենասիրութիւն խաղային, եթէ խորհրդաժողովներու նիստերէն մէկը կամ երկուքը գումարէին Բամբակաշատի, Մրգաշատի կամ Ջրաշէնի քաղաքապետարանի առջեւ գտնուող տարածութեան վրայ, ինչե՜ր կրնային փոխուիլ: Առնուազն մանրուքներով խանդավառուելու փոխարէն` կը ճանչնային Երկիրը, որուն առջեւ կը սիրենք դնել հռետորական «ՄԵՐ»-ը…

Արդէն կ՛անձրեւէ: Գիւղացին ջուր պիտի ունենայ, բայց` ի զուր:

Հիմա պիտի գայ ձմեռը, ինք վառելիք պիտի չունենայ:

Բայց Երեւանի մէջ պիտի կառուցուին երկնաքերներ, որոնք կարծէք պիտի մրցին Մանհաթընի հետ…

Ինչպէ՞ս պիտի լսուի գիւղացին…

Ո՞վ պիտի լսէ Մրգաշատի, Բամբակաշատի, Ջրաշէնի անզօր գիւղացին:

Որո՞ւ դուռը պիտի թակէ` առանց ռազմավարութեան եւ մարտավարութեան բանգիտական ճառ խօսելու:

Եթէ փակէ իր տան դուռը եւ երթայ, ո՞վ տէր պիտի ըլլայ մեր պատմութեան եւ ազգի կենսատու Արարատեան դաշտին…

Որո՞ւ ի՛նչ պիտի յիշեցնեն Սարդարապատի զանգերը…

Հարցումները առանց խօսափողի եւ հրավառութիւններու կանչեր են:

Ի՞նչ կ՛ըսեն անոնք:

Ի՞նչ կը լսենք:

Լսողներ կա՞ն:

3 հոկտեմբեր 2017, Երեւան

 

Առիթով Մը

0
0

ԹՈՐԳՈՄ

– Շատ լաւ ըրեր ես տղադ դասախօսութեան բերելով, ա՛ս տարիքին պէտք է վարժեցնել,- ըսաւ բառերը հատիկ-հատիկ հնչելով եւ բաղաձայնները պայթեցնելով: Ապա ափը գլխուս վրայ հանգչեցուց, փաղաքշական շարժումով մը, որ շատ հաճելի թուեցաւ ինծի:

Նստաւ հօրս քով:

Առաջին անգամն էր, որ կը տեսնէի այդպիսի ինքնաբուխ, անմիջական մարդ մը, որուն ձայնը եւ կերպարանքը առասպելական թուեցան ինծի:

1960-ականի սկիզբն էր: Համազգայինի Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջն էինք: Գրական-դասախօսական երեկոյ մըն էր: Ես Սուրբ Նշան վարժարանի նախակրթարանի առաջին կամ երկրորդ դասարանի աշակերտ էի: Հայրս, ինչպէս միշտ, զիս հետը բերած էր ձեռնարկին, թէեւ ես ոչինչ կը հասկնայի: Սրահը լեցուն էր հանդիսատեսներով, որոնք ուշադիր կը հետեւէին դասախօսին: Իմ ուշադրութիւնս սակայն, այս «առասպելանման» մարդուն վրան էր:

Ձեռնարկի աւարտին ուրիշներու նման ինք ալ հարցուց հարցում մը, որ կարծես, թէ դասախօսութենէն երկար տեւեց:

Ի վերջոյ իջանք սրահէն եւ հօրս հետ երբ սկսանք քալել դէպի տուն, ինք ալ միացաւ մեզի, անշուշտ` միշտ խօսելով: Մտածեցի, որ մեզի կու գայ, սակայն մեր տունը չհասած, կանգ առաւ շէնքի մը մուտքին: Հոն եւս տուաւ դասախօսութիւն մը, որուն ընթացքին հայրս քանի մը անգամ «գիշեր բարի» ըսաւ:

Երկրորդ անգամ այդ մարդը տեսայ մեծ սրահի մը բեմին վրայ: Առանց դադարի կ՛արտասանէր: Մտածեցի, որ ինծի երբ  պարտականութիւն մը տան «գոց» սորվելու, այնքան կը դժուարանամ, այս մարդը այսքան երկար գրութիւնը ինչպէ՞ս «գոց» ըրած է:

Հազիւ կը հասկնայի, որ հայոց պատմութիւն մըն է: Մարդը կը տագնապէր, կը տանջուէր, կ՛արտայայտէր հայրենասիրութիւն մը, զոր վարակած էր հանդիսատեսներուն: Ուրեմն մտածեցի, որ  պատմութեան մէջ մեր սորված հայը, այ՛ս մարդն է:

Աւելի ուշ համոզուեցայ, որ այս մարդը հայկական արժէքներով ապրող, տագնապող եւ հաւատացող հայն է, որ իր էութիւնն ու ապրումները դրսեւորած, նիւթականացուցած է զանազան շօշափելի միջոցներով:

Տասնամեակներ ետք: Դասախօսական երեկոյ մը «Վասպուրական» սրահին մէջ: Ձեռնարկը պիտի սկսի եւ միայն քանի մը հոգի ներկայ ենք: Յանկարծ…

– Ո՞ւր են, ո՞ւր են հայերը, – պոռաց, երբ սրահ մտնելով տեսաւ դատարկ աթոռները:

Քանի մը հոգիի բարեւելէ ետք, նստաւ քովս եւ հարցուց.

– Տղա՞դ է քովինդ:

– Այո՛:

– Աստուած պահէ: Շատ լաւ ըրեր ես դասախօսութեան բերելով:

Չգիտցայ, թէ արդեօք յիշե՞ց, որ նոյն խօսքը ժամանակին հօրս ըսած էր:

Շուրջը նայեցաւ, հաշուեց ներկաները եւ ըսաւ.

– Ճիշդ Յիսուսի աշակերտներուն թիւն ենք, միայն Յուդան չէ եկած: Յուդանե՜րը չեն եկած…:

……………………………………………………………………………………………………..

Յակոբ Կիւլոյեանի նման ինքնաբուխ, անմիջական, հաւատաւոր հայերը իւրայատուկ ձեւ մը ունէին ապրելու իրենց հայկականութիւնը, ատով վարակելով իրենց շուրջինները, հարստացնելով, գունագեղ դարձնելով մեր առօրեան: Ազգովին մեր արագ նահանջի թաւագլոր զառիթափին, այդպիսիները այսօր դժբախտաբար կրնան դառնալ ծիծաղելի, մինչ մե՛նք խղճալի ենք, իսկ ազգային կեանքը աղքատ է անոնց բացակայութեամբ:

«Պէ՛տք է փրկել», կը պոռանք, առանց անդրադառնալու, որ այլեւս գոյութիւն չունեցող բանը կարելի չէ փրկել:

Նո՛րը կարելի է ստեղծել, պարզապէս առանց պոռոտախօսութեան եւ մաշած խրատներու:

 

 

Գալուստ Գասպարեանի Յիշատակին

0
0

Այս քանի մը տողերով կ՛ուզեմ խղճի ու պարտականութեան խօսք մը ըսել քեզի նման անձնուրաց ու հաւատաւոր ընկերոջ մը յիշատակին:

Քառասուն օրեր առաջ մահը առյաւէտ հեռացուց մեզմէ Գալուստ Գասպարեանը:

Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ընտանիքի զաւակ` իր երիտասարդութեան տարիներուն, աշխատանքի բերումով, յաճախ կը բնակէր մերթ Հալէպ եւ մերթ Լիբանան:

Համեստ էր ան ու պարտաճանաչ: Ամէն ջանք ի գործ կը դնէր մասնակցելու իր ժողովական կեանքին` կորովով ու խանդավառութեամբ:

Ան ծառայասէր էր: Շուտով կը փութար իր շուրջիններու օգնութեան ու սիրուած էր բոլորէն` հայ թէ արաբ շրջանակներէն:

Զաւակ չունէր Գալուստը, բայց բոլորին սիրելի մեծ հայրն էր ան:

Հակառակ իր յառաջացած տարիքին` ան յաճախ կ՛ուզէր այցելել ակումբ, ուր կը գտնէր իր ուրախութիւնն ու կորովը.

«Մեր տղոց քով կ՛երթամ», կ՛ըսէր ան:

Ղարաբաղի թէ ընդհանրապէս ազգային ճգնաժամային պահերուն ան իր շրթներուն տակէն գաղտնաբար կը մրթմրթար.

Կ՛եցցէ՛ դաշնակ կամաւորը…» արտայայտութիւնը.

Ոչ ոք գիտէր, թէ այդ տողերու ետին ան կը պահէր կամաւորական մեր հարուստ պատմութեան մէկ փոքր օղակը…

Հրաման մը կատարած ըլլալու ներքին հոգեկան սփոփումն ու ազգայնական վեհութիւնը:

Գաղափարական հաւատքի ու կուսակցակապաշտ տեսլականի տէր էր Գալուստ Գասպարեանը: Ան խորապէս կը հաւատար, որ դաշնակցական հերթապահի խօսքը ամէն տեսակի դատական ատեաններէ ու կառավարական աթոռներէ բարձր է ու գերիվեր: Ինչո՞ւ զարմանալ. այդ չէ՞ր նաեւ ամբողջ հին սերունդի հաւատքի ու համոզման պտուղ հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Եթէ Դաշնակցութիւնը գաւազանն իսկ իբրեւ թեկնածու ներկայացնէ ընտրութեանց, այդ գաւազանը կը շահի ընտրութիւնները…»:

Անհատական ուժերով ան պայքարեցաւ կեանքի անարդարութեանց դէմ ու յաղթեց յաճախ` իր վճռակամութեամբ ու զօրաւոր անհատականութեամբ:

Սակայն ո՞վ կրնայ դէմ դնել մահուան վճիռին…

Վերջին օրերուն, ցաւի առթած տառապանքին տակ, մերթ ժպտալով ու մերթ յուզուելով` ան քանի մը անգամ կրկին երգեց` «Կեցցէ՛ դաշնակ կամաւորը…»:

Կարծէք` դաշնակցական կամաւորի համար մօտալուտ մահն անգամ պէտք է ընդունելի ըլլար:

Յաւերժ մեկնեցար, սիրելի՛ ընկեր, մինակ ձգելով ազնիւ կինդ, բայց կեանքի իրողութիւնն այս է…

Կարեւորը այս ճանապարհէն անցնելով` յիշատակելի ստուեր մը ձգելն է… եւ այդ ստուերը ձգեցիր դուն` քու քաջ խառնուածքովդ եւ խիզախ ու անզիջող գաղափարաբանութեամբդ:

Միշտ պիտի յիշենք քեզ:

ԸՆԿԵՐ ՄԸ

Թուրքիա Իր Պատմական Արխիւները Եւ Փաստաթուղթերը Ինչպէ՞ս Ոչնչացուցած Կամ Ձերբազատած Է Անոնցմէ

0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Քանի մը տասնամեակ շարունակ թրքական կառավարութիւնը եւ անոր քարոզիչները կը  յայտարարեն, որ պետական փաստաթուղթերը, մասնաւորապէս` օսմանեան արխիւները, ամբողջովին բաց են եւ հասանելի` ամբողջ աշխարհի ոեւէ հետազօտողի համար:

Սակայն թուրք պաշտօնեաներն ու անոնց կողմնակիցները կը լռեն այն մասին, որ օսմանեան արխիւներու բազմաթիւ փաստաթուղթեր հեռացուած, ոչնչացուած, վաճառուած կամ մշակուած են: Բացի ասկէ, որոշ գաղտնի արխիւներ դեռ փակ կը մնան օտարներու համար:

Անցեալ ամիս թրքուհի լրագրող Ուզայ Պուլութ PhilosProject.org կայքի մէջ բացայայտող յօդուած մը տեղադրեց` «Թուրքիա առանց գրաքննութեան. գրաքննութեան եւ արգելքներու պատմութիւն» վերնագրով, քանի մը հարիւրամեակներու անցեալ ունեցող թրքական արխիւներու եւ փաստաթուղթերու կարգավիճակին վերաբերեալ: Պուլութ ազատ է նման գաղտնիքներ բացայայտելու, քանի որ ան այլեւս չ՛ապրիր Թուրքիա եւ ներկայիս հաստատուած է Ուաշինկթըն:

Այսօր Թուրքիոյ մէջ պետական պատուէրով արգելափակուած է Վիքիփետիայի կայքը, քանի որ Վիքիփետիա հրաժարած է ջնջելէ այն յօդուածները, որոնք կը բացայայտեն, որ թրքական իշխանութիւնները կը զօրակցին «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներուն: Ասկէ բացի, Թուրքիոյ կողմէ արգելափակուած են 127 հազար կայքեր եւ 95 հազար անհատական web կայքեր, կը տեղեկացնէ լրագրող Պուլութ:

Այսօրուան հազարաւոր կայքերու արգիլումը շարունակութիւնն է օսմանեան սուլթան Պայազիտ Բ.ի 1485-ի հրամանագիրին, որով մահապատիժի կը դատապարտուէին բոլոր անոնք, որոնք գիրքեր կը տպագրէին թրքերէն կամ արաբերէն լեզուներով: Այդ արգելքը մնաց աւելի քան երկու դար, կը յայտնէ Պուլութ: «Այդ արգելքը պատմաբաններու կողմէ լայնօրէն կը վկայակոչուի իբրեւ իսլամութեան մտաւոր եւ գիտական փլուզման հիմնական պատճառներէն մէկը` արդիւնաբերական յեղափոխութեան արշալոյսին»:

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը 1923-էն ի վեր, իր հիմնադիրին` Քեմալ Աթաթուրքի օրօք, շարունակեց գրաքննութեան աւանդոյթը` արգիլելով «առնուազն 130 թերթ, ամսագիր եւ գիրք` ըստ Մուսթաֆա Եըլմազի եւ Եասմին Տորենի «Գրաքննութիւնը հանրապետական ժամանակաշրջանին (1923-1973)» գիրքին»: Պուլութի հաղորդումով, Թուրքիոյ երկրորդ վարչապետ Ատնան Մենտերես 1950-60ական թուականներուն արգիլած է 161 հրատարակութիւն:

Վերադառնալով արխիւային գրաքննութեան` Պուլութ մեջբերած է թուրք հրեայ պատմաբան Ռիֆաթ Պալին, որ` «կը բացատրէ մշակուած կամ ոչնչացուած պետական արխիւներու պատմութիւնը իր 2014 թուականի գիրքով` «Թալանի ոչնչացման պատմութիւնը. տպագրուած կամ գրուած բառեր, մեռած տառեր, արխիւները մէկ կողմ նետած են (կամ վաճառած) որպէս թափօններ»… Շատ մը կուսակցութիւններու, ծերակոյտի եւ քանի մը այլ կառավարական կամ ոչ կառավարական հաստատութիւններու արխիւներ կա՛մ փակ են հանրային օգտագործման համար, կա՛մ այլեւս գոյութիւն չունին»: Ըստ Պալիի, «Թուրքիոյ մէջ կուսակցութիւններու արխիւները փակուած են 1980 սեպտեմբեր 12-ի պետական յեղաշրջման ժամանակ եւ ուղարկուած` SEKA (բուսական (cellulose) եւ թուղթի գործարաններ), որպէս թուղթի թափօն»:

Թուրքիոյ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան արխիւը ամէնէն կարեւորն է, քանի որ անիկա հանրապետութեան հիմնադրման տարիներու կուսակցութիւնն է: Ինչպէս Պալի կը գրէ` «Ոմանք կ՛ըսեն, որ անիկա [արխիւը] այրած են, իսկ ոմանք, որ անիկա մէկ կողմ նետուած է սեպտեմբեր 12-ին: Քանի մը անձեր ալ կը պնդեն, որ արխիւը չէ շպրտուած, այլ հոս է: Այսպիսով, այսօրուան դրութեամբ այդ մէկը առեղծուած մըն է: Արխիւին մեծ մասը գոյութիւն չունի»:

Ասկէ զատ, Պալի տեղեկացուցած է, որ` «նախագահութեան, Ազգային հետախուզական կազմակերպութեան (MIT) եւ ներքին գործերու նախարարութեան արխիւները փակ են»: Հետաքրքրական է` Պալի գրի առած է տարօրինակ պատմութիւն մը, թէ ինչպէ՛ս «1998 թուականին Անգարայի մէջ արտաքին գործոց նախարարութեան գաղտնի փաստաթուղթերը յայտնաբերուած են թափօններ ծախողի մը մօտ: Նախարարութիւնը անոր վաճառած էր երկաթեայ, չհրկիզուող 15 պահարաններ: Յետոյ պարզուած է, որ նախարարութիւնը այդ պահարանները ծախած էր շէնքին մէջ ազատ տարածքներու բացակայութեան պատճառով, նոյնիսկ` առանց նայելու, թէ ի՛նչ կար ատոնց մէջ»:

Պալի իր գիրքին մէջ կը ներկայացնէ նաեւ կարեւոր փաստաթուղթերու ոչնչացման այլ օրինակներ.

– «Թուրքիոյ պատմութեան հիմնարկի փաստաթուղթերէն շատերը, ներառեալ` Աթաթուրքի մէկ նամակը, ոչնչացուած են»:

–  «1961-ին սահմանադրութեամբ ստեղծուած ծերակոյտի նիստերու բոլոր արձանագրութիւնները, որոնք աշխատունակ էին մինչեւ 1980 սեպտեմբեր 12-ի պետական յեղաշրջումը, ուղարկուած են բուսական եւ թուղթի գործարաններ (SEKA)»:

–  «1965-ին, երբ նոր շէնք մը փոխադրուեցաւ Կրօնական հարցերու (Տիեանեթ) պետական ֆինանսաւորմամբ նախագահութիւնը, անոր ղեկավարութիւնը ըսաւ, որ` «հին փաստաթուղթերը չեն տեղաւորուիր նոր շէնքի մէջ», եւ արխիւի փաստաթուղթերուն մէկ մասը ուղարկեց SEKA»:

–  «Երբ 1980-ական թուականներուն SEKA-ի մէջ թուղթի պակաս յառաջացաւ, պետական կառոյցներուն կոչ եղաւ իրենց հին թուղթերը ուղարկել գործարան: Այսպիսով, մեծ թիւով արխիւներ օրինական մակարդակով ոչնչացուեցան»:

–  2013-ին Թուրքիոյ Ազգային գրադարանի յունարէն, եբրայերէն եւ ասորերէն լեզուներով հին գիրքերը թոներով վաճառուեցան այն պատճառաբանութեամբ, «որ չկային գրադարանավարներ, որոնք կրնային այդ լեզուներով կարդալ»:

Որպէս հետաքննող լրագրող` Ուզայ Պուլութ եզրակացուցած է. «Թրքական հասարակութենէն թաքուն պահուած այսքան շատ տեղեկութեան միջոցով թրքական քարոզչութիւնը ստեղծած է այնպիսի զանգուածներ, որոնք կուրօրէն կը հետեւին որեւէ պետական իշխանութեան, որոնք կորսնցուցած են բարոյական կողմնացոյցը, եւ երբեք չեն առարկած կամ արտայայտուած, նոյնիսկ երբ ականատես եղած են մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու, որոնք չեն յարգեր հայեացքներու տարբերութիւնը կամ այլակարծութեան իրաւունքը, եւ պէտք է ըսել` որոնք առաջ կը շարժին պատմութեան ծայրայեղ սխալ տարբերակով»:

Յաջորդ անգամ, երբ  թրքական կառավարութեան քարոզիչները գրեն, որ «մեր արխիւները բաց են», դուք կրնաք անոնց յղել այս յօդուածին պատճէնը. հոն գտնուող նշանաւոր թուրք լրագրող Ուզայ Պուլութի բացայայտումները կը փակեն անոնց բերանները…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Սուրբ Թարգմանչաց Տօնին Խորհուրդը Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Մերոց

0
0

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

Հայ եկեղեցական ու մշակոյթային կեանքի մեծագոյն ու յատկանշանական տօներէն մին Սուրբ Թարգմանչաց տօնն է: Հայ ժողովուրդը այս տօնը կը նուիրէ իր մայրենի լեզուի առաջին ուսուցիչ ու հայ գիրերու գիւտարար Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի, Ս. Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսի ու նաեւ թարգմանիչ վարդապետներուն եւ իր երախտագիտական զգացումները յայտնելով` կը վերյիշէ անոնց անմոռանալի եւ խնկելի յիշատակը:

Այս տօնը, որ Հայ եկեղեցին, հայ մշակոյթը ու հայ պետականութիւնը  զօրաւոր կապերով իրարու կը կապէ, ամէն տարի  հայ կեանքին մէջ կը նշուի յունիս եւ հոկտեմբեր ամիսներուն: Հայ ժողովուրդի թարգմանիչ  վարդապետներու յիշատակը  կը վերյիշէ` «Թարգմանչաց տօն եւ Սուրբ Թարգմանչաց վարդապետներ» խորիմաստ անունին տակ ամփոփելով եւ այս ձեւով կը վերանորոգէ իր ուխտը: Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ կաթողիկոս, Եղիշէ, պատմահայր Մովսէս Խորենացի, փիլիսոփայ Դաւիթ Անյաղթ, Ներսէս

Շնորհալի, Ներսէս Լամբրոնացի, Կորիւն, աստուածաբան Եզնիկ Կողբացի, Փաւոստոս Բիւզանդ, Ղազար Փարպեցի ,աւելի վերջերը Գրիգոր Տարթեւացի, 7-րդ դարու գիտնական ու մաթեմաթիկոս Անանիա Շիրակացի, աստուածաբան Յովնան Օձնեցի կաթողիկոս, Գրիգոր Նարեկացի ու նաեւ ուրիշներ կը յիշուին որպէս «Սուրբ թարգմանիչ վարդապետներ» խորագիրի տակ:

301 թուականին, երբ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունեցինք, մեր սեփական գիրը չունէինք, յունարէն եւ կամ ասորիներէն կը գրէինք ու կը կարդայինք. այս պատճառով ալ հայ ժողովուրդը Սուրբ Գիրքը շատ մեծ դժուարութիւններով կը կարդար ու դժուար կը հասկնար, հետեւաբար հայ կեանքի մէջ քրիստոնէութիւնը լաւ ըմբռնելու եւ ամրապնդելու գործընթացին մէջ մեծ դժուարութիւններ կային: Միւս կողմէ ալ ժողովուրդը կրօնական ու քաղաքական մեծ վտանգներու ու սպառնալիքներու դէմ յանդիման էր, երկիրը գրեթէ բաժնուած էր բիւզանդական ու պարսկական պետութիւններուն  միջեւ: Հայ ժողովուրդը կորսնցուցած էր իր անկախութիւնը ու զրկուած էր իր մայրենի լեզուով իր կրօնը հասկնալու հնարաւորութիւններէն ու սեփական միջոցներէն: Հայ ժողովուրդին մէջ քրիստոնէութեան արմատաւորումն ու տարածումը միմիայն կրօնական հարց մը չէր, այլ նաեւ` գոյատեւման ու քաղաքական հարց, որ նպատակ ունէր ժողովուրդի ձուլման ու քայքայման վտանգին դէմ կանգնիլ:

Ահա այս մտահոգիչ պայմաններու լոյսին տակ Մեծն Մեսրոպ կը յանգի այն եզրակացութեան, որ հարցին միակ լուծումն է քրիստոնէութիւնը հայոց աշխարհին մէջ ամրապնդել ու տարածել, որուն համար պայման էր Սուրբ Գիրքի հայացումը:

Միայն այս ձեւն էր, որ հայ ազգին «միաբանութիւն»-ը կարելի պիտի ըլլար ամրապնդել, հետեւաբար` ազգին գոյատեւումը ապահովել:

Մեսրոպ Մաշտոց այս նպատակին իրագործման համար նախ «հայկական սեփական գիրերու գիւտը», ապա Սուրբ Գիրքի հայերէնի թարգմանութեան համար գործի լծուեցաւ եւ տքնաջան աշխատանքէ ետք, 405 թուականին յաջողութեամբ հասաւ իր նպատակին: Հայկական գիրերու գիւտէն ետք, Ս. Մեսրոպի, Ս. Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսի եւ անոնց աշակերտներուն գլխաւորութեամբ, կատարուած աշխատանքներով հայ ժողովուրդին կեանքի մէջ զարթօնք մը սկսաւ, Սուրբ Գիրքը «Թագուհի թարգմանութեանց» անունով մկրտուեցաւ, ուսումնական, քաղաքական, ազգային, կրօնական, մշակութային, գիտութեան, ընկերային ոլորտներու մէջ յեղաշրջումներ, բարեփոխութիւն արձանագրուեցան, այլ խօսքով,  «Հայկական վերածնունդ»-ի շրջան մը թեւակոխեց հայութիւնը, եւ այդ շրջանը կոչուեցաւ «Ոսկեդար»:

Հայ ժողովուրդը պատմութեան դաժան ելեւէջներէ անցնելով` ապրած է մեծ փորձանքներ, տառապանքներ, դժուարութիւններ, ողբերգութիւններ, տուած է մեծ կորուստներ, զոհեր, նահատակներ, սակայն տէր կանգնելով իր «Հաւատքի խորան»-ին ու «իմաստութեան տաճար»-ին` դարեր շարունակ կրցած է պահել իր գոյութիւնը` մնալով  միշտ ուժեղ ու պինդ: Հայուն հաւատքի խորանը` եկեղեցին եւ իմաստութեան տաճարը` հայ դպրոցը, հայուն համար եղած են իսկական ապաստանարաններ եւ երկու անբաժան ընկերներ, որոնց շնորհիւ մինչեւ այսօր կ՛ապրինք որպէս հայ ու կը գրենք եւ կը կարդանք հայերէն :

 

 


Մեսրոպ Մաշտոց

0
0

ԵԴՈՒԱՐԴ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Հայոց առաջին մտաւորականը` ամբողջական առումով: Մեր դպրութեան տեսակ մը Հոգին Սուրբը` բառին լիիրաւ տարողութեամբ: Գաղափարապաշտ անձերուն թերեւս ամենամեծն ու ամենաշքեղը մեր մէջ, բազմարդիւ՛նը անկասկած` Տառերու Գիւտին այս ու այն կողմը տարածուող ժամանակներուն մէջ: Հայ մտաւորականութեան ընդհանուրին եւ անոր ընդհանրական խռովքներուն հա՛յրը հետեւաբար` կեանքին մէջ հայր չեղած այս մարդը, զաւակութեան ու խոնարհութեան մէջ իր գոյութիւնը աւարտած այս տարօրինակ միաբանը` տառապակէզ Մեսիայի մը դաւանանքէն ասդին, խորհրդասքանչ ուսմունքի մը ջահակրութեան ամենաբորբ օրերուն:

***

Օրերուն մարդը չեղաւ ան: Տարիներուն մտաւորականը չեղաւ: Ու չեղաւ միայն սերունդի մը տաղանդը, քանի մը յաջորդական սերունդներու հանճարը, միադէմ ու միակողմանի սուրբը: Եղաւ դարերո՛ւն մարդը, դարերուն մտաւորակաը, դարերուն տաղանդն ու դարերուն հանճարը: Ազգային ապրումներուն սուրբը, գրական ու կրթական ապրումներուն սուրբը` Կորիւններուն եւ Եզնիկներուն այս նուիրական դաստիարակը, հայոց առաջին ուսուցիչը:

***

Ու եթէ հիմա գումարէք իր մասին եղած խոշոր բառերը, անոնք խոշոր չեն երեւիր, ինչպէս կ՛երեւին առհասարակ ուրիշ անուններու քով: Եւ այդ գումարէն սուրբ մը ծնելէ առաջ եւ ետք` մա՛րդ մը կը ծնի. գիւտարար մը գոյանալէ առաջ եւ ետք` մա՛րդ մը կը գոյանայ. հանճար մը ի յայտ գալէ նորէն առաջ եւ ետք` նորէն մա՛րդ մը ի յայտ կու գայ: Եւ ոչ մէկ ապրում եւ իմացում զայն կրնայ լիովին ծածկել, քան` հայութեան ապրումին լծորդուած հայութեան իմացումը: Աշխարհներ ոտքի տակ առնող եւ բոլոր ձեւի խոնջէնքներուն իր լուսաւոր մտասեւեռումը հակադրող վտիտ մարմնով, բայց աշխարհաչափ հոգիով այս հայաստանցին` ո՛չ սուրբ բառով կը բացատրուի եւ ո՛չ ալ հանճար բառով: Կը բացատրուի հայութիւն եւ մարդ բառերով:

***

Բարի հայ կին մը ծնաւ Մաշտոցը, կ՛ըսեն, Հացեկացի մէջ: Խորհրդաւոր Վաղարշապատի պարիսպներուն ետին, ծնաւ զինք երկրորդ  ծնունդով մը, քրիստոնէութեան բարձրագոյն դաշնակիցներէն առաջինը, նահանգառատ Հայաստանի բովանդակ հայութիւնը: Ծնաւ զինք այս անգամ Այրարատեան դաշտը, ծնաւ նորէն Տարօնը, ծնաւ Վասպուրականը, ծնաւ Սիւնեաց աշխարհը, Գուգարաց աշխարհը… Օ՜, ծնան զինք մեր երկրին բոլոր հողերը, բոլոր ջուրերը, հողին կանանչներն ու երկնքի կապոյտները… Վանքերը, բերդերը, բիւ՜ր տառապանքները ազգին եւ հայկական անկոտրում յամառութիւնը ծնան զինք:

Հացեկացը ցորեանի հացով կերակրեց զինք. գիւղ մըն էր: Ինք, Հացեկացի տղան, իմացական լուսահացով կերակրեց մեծ ու պզտիկ անհամար հացեկացիներ, հայրենիք մը ամբողջ, ժողովուրդ մը բովանդակ: Օրհնեա՜լ Հացեկաց, քու ցորեաններուդ բարի եղանակներու ընթացքին, օր մըն ալ ամենաճառագայթեալ ցորեանը տուիր ազգին`

Մեսրո՛պը…

 

 

Մեծերուն Ճամբան

0
0

Պ. ՍՆԱՊԵԱՆ

Հայոց լեզուի արարիչին հետ ներկայացուցչական դէմքերու խումբ մը կը կազմեն քովի դէմքերը, որոնք իրենց սերնդակիցներուն ու տաղանդակիցներուն հետ անհաւասարելի սիրով ու տքնութեամբ բարձրագոյն ու նրբագոյն կարողութիւններով օժտեցին աստուածարեալ վարդապետին գիւտը:

Դարերու ընթացքին չորս անգամ միայն առաւելագոյն փթթումով եւ ուժգնութեամբ ծաղկեցաւ հայոց լեզուն`

Թարգմանիչներու ջանքերով,
Նարեկացիի շունչով,
900-ական թուականներուն յայտնուած ընտրեալներու երկունքով ու
Չարենցի մօտ եւ Շուշանեանի սերունդին օրօք:

Պահ մը, թէկուզ մտածումով, աչքի առջեւ բերէք յիշեալ դէմքերուն գործերը, այդ գործերուն գործիքը` լեզո՛ւն, ու պիտի տեսնէք շուտով, թէ իւրաքանչիւրին մօտ ի՜նչ զարգացում արձանագրած է ան, ի՜նչ նրբերանգներ, ի՛նչ թափ ու թռիչք նուաճած:

Անոնց անհատականութիւնները մէկ-մէկ դրսեւորելու իր ներգոյակ զօրութենէն ետք, իւրաքանչիւրին անհատականութեան փոխադարձ ազդեցութիւնը կրած է նաեւ ինք` լեզո՛ւն, ճոխացնելով իր հնարաւորութիւնները, ուժը, հմայքը:

Արդարեւ, վարպետներուն գրչով վարդապետին գիւտը բիւրեղացաւ աւելի, ճիւղաւորուեցաւ աւելի, ստացաւ խորութեան նոր չափեր`

Նարեկացիին հետ ներքին բարդութիւններ տարբաղադրելու յորդ կարելիութիւն մը դրսեւորեց,
Զարդարեանէն պերճութիւն մը ժառանգեց,
Սիամանթոն որոտընդոստ շեշտ մը ընծայեց անոր,
Վարուժան` արու գեղեցկութիւն մը,
Օշական կիրքի մը հզօր տարերքով օժտեց զայն,
Չարենցը հողմավար օրերուն շարժումը փոխանցեց անոր,
Ու Շուշանեանը` խռովակոծ հոգիի մը խռովիչ երաժշտականութիւնը:

Պիտի ըսուի հաւանաբար, որ այս տպաւորութիւնները կու գան այդ դէմքերուն մշակած գրականութենէն եւ առաւելաբար կը վերաբերին անոնց գրական ժառանգութեան: Բայց ո՞վ է այն գրագէտը, որ կրցած է նկարագիր կազմել, դէմք ըլլալ, մեծ ըլլալ` առանց, իր գործածած լեզուին տիրապետած ըլլալու, առանց, իր կարգին, բան մը փոխանցած ըլլալու լեզուին:

«Ոչ մէկ արուեստագէտ,- կ՛ըսէ Շուշանեան,- իրապէս կրնայ մեծ ըլլալ` առանց տիրապետելու իր գործիքին, որ հոս լեզուն է»:

Լեզուն, որ բառ չէ իր խորագոյն առումին մէջ, բառերու դասաւորում չէ, հաւատքի մը, բաղձանքի մը, մեծ տարփանքի մը կամ նուաճուած երազի մը խտացումն է, յուշարարը, ոգեղինացումը, նոր կոչը, լինելութիւն մը: Բառերուն մէջ եռուզեռող այս կեանքը, այս ամբողջութիւնը զգացող, այս ամբողջին դիմաց տրոփելու հակամէտ անձին արիւնն է, որ կ՛որոտայ, երգ կ՛ըլլայ, լոյս, մեծութիւն, մեծագործութիւն:

Այսպէս ապրեցան, վարուեցան ու վաստակ  կուտակեցին մեծերը` խորազգալով ցեղին յուռութքը եւ ժառանգութիւնը հարստացնելու համար այրելով շարունակ: Յափշտակուեցան նախ եւ ապա կիրքով ու «հաւատքի հրով վառուած» տքնեցան ու գումարեցին ամբողջական զոհաբերութեան մը փառքով կնքաւոր իրենց երկունքը ցեղին յաւերժատրոփ վաստակին: Մեծերը մեծցան ա՛յս եղանակով, ա՛յս ճամբուն վրայ:

ԸՆԿԱԼ քաղցրութեամբ, Տէր Աստուած հզօր,
Զդառնացողիս զաղաչանս,
Մատիր գթութեամբ առ պատկառեալս դիմօք,
Փարատեա, ամենապարգեւ, զամօթական տխրութիւնս
Բարձ յինէն, ողորմած, զանկրելի ծանրութիւնս,
Անջրպետեա, հնարաւոր, զմահացու կրթութիւնս,
Աւետեա, միշտ յաղթող, զխաբողին հաճութիւնս,
Բացատրեա, վերնային, զմոլելոյն մառախուղս,
Կնքեա, կեցուցիչ, զկորուսչին ընթացմունս,
Ցրուեա, ծածկատես, զըմբռնողին չար գտմունս,
Խորտակեա, անքնին, զմարտողին դիմեցմունս:

ԳՐ. ՆԱՐԵԿԱՑԻ

«Վա՜յ այն հոգիներուն` որ իրենց Սուլթանները չունին, վա՜յ այն սիրտերուն` որոնց մէջ արքայական պալատներ չկան:
«Վա՜յ այն հոգիներուն` որ գահակալներ չեն, լի ճոխութեամբ ու պերճանքով, ինքնիշխան ու աշխարհակալ:
«Վա՜յ այն սիրտերուն` որոնց մէջ չկայ ո՛չ գահ, ո՛չ մեծութիւն, ոչ փառքի պատուանդան…
«Այն հոգին որ գահազուրկ է, կը նմանի առագաստի անկողնի մը` որուն փեսան չկայ, այն սիրտը որ թագազուրկ է, կը նմանի մատանիի մը` որուն վրայէն թանկագին գոհարը ինկած է:

Ռ. ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ

Ո՜վ հրաշալիք, ո՜վ հաւատքի աննիւթական հուր,
Ո՜վ զարմանագործ զօրութիւն,
Ո՜վ բոցեղէն բժժանք, ով անլոյծ խորհուրդ,
Ահաւասիկ քերովբէ մը մրափին մէջ Մեսրոպին,
Իր աջ ձեռքովն լուսագիծ`
Ակնթարթ մը` մենաստանին որմին վրայ
Հայկազնեան Այբբենարանը տառագրեց…:
Յանկարծ` Սուրբը, մեծ Տեսիլքէն ցնորաշարժ`
Մեռեալի մը պէս ընդոստ ոտքի,
Փետուր գրիչն եւ տախտակն ի ձեռին,
Հրաշքին տակ արտասուելով`
Որմին առջեւ անհունօրէն ծնրադրեց…:

ՍԻԱՄԱՆԹՕ

Իր ծոցին մէջ կը ծընին
Մռայլ Տանթէներն ու Հոմերները հըսկայ,
Իր ծոցին մէջ իմաստութիւնը երգ մ՛է`
Զոր գիշերուան մէջ խորին
Բանաստեղծները կը խմեն աստղերէն`
Որ նուագեն ցերեկուան մէջ` Մարդերուն:
Ան ամէնո՜ւն զինքը կու տայ, ամէնո՜ւն
Կը բաժնուի, եւ կը մնայ անբաժան
Նշխարհքին պէս.- ան նշխարհքն է` որ կ՛իջնէ
Ամէն առտու, սեղաններուն վրայ մեր,
Մարդեղութեան արիւնլուայ խորհուրդին:
Ու ես կ՛երթամ դէպի աղբի՜ւրը լոյսին…

 ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

 

Հայ ժողովուրդ,
Դուն մարդկութեան տարեգրութեանց յանձնեցիր Ոճիր մը, որուն համար բոլոր ազգերու բառերը, չեմ կարծեր ունենան արդար որակում մը, դուն ապրեցար անանկ դժոխք մը, որուն քով բանաստեղծներուն երեւակայութիւնը կ՛աղօտի մեռնող լուսնկայի մը նման:

Այսօր…

Այսօր կա՛ս դուն նորէն: Կա՛ս դուն նորէն թերեւս ամէնէն աւելի անոնց հոգիին մէջ, որոնք աւազներու ովկէան մը լողալով կտրելու հրաշքը գործեցին, որոնք գերեզմաններու կափարիչը մեռելութիւնով խորտակեցին:

Կա՛ս դուն: Փա՜ռք քեզի ու բոլոր ապրողներուն:

Յ. ՕՇԱԿԱՆ

Ինչ ունեցել է ժողովուրդը քո
Հնում, անցեալում – լուսաւոր ու վեհ,
Ինչ ունի այսօր, ի՛նչ ցնորք ու խոհ –
Ո՛ղջը հաւաքել եւ քե՛զ է տուել:

Տուել է, որ դու այդ ամէնը այս
Օրերին խառնած, խոր հաւատքով լի`
Պարզես գալիքի ցնորքին անհաս –
Եւ ընդմի՛շտ մնաս մեծ ու սիրելի: –

Ե. ՉԱՐԵՆՑ

Հայոց լեզու, որքա՜ն կը սիրեմ քեզ: Ոչ մէկ աղջիկ երկրի վրայ կրնայ պարծենալ, թէ այդքան խանդաղատանք, այդքան գորով, այդքան աղապատանք ստացած է ինձմէ: Հաւատարմութիւնը, որ կը զգամ քեզի հանդէպ` աւելի զօրաւոր է քան մեր այս եղկելի կեանքը: Կ՛ուզէի քեզ սորվիլ, մինչեւ վերջին վայրկեանը, – քու յետին շեշտերդ ու քու յետին բառերդ: Քու ներքին երաժշտութիւնդ ու քու գծած ճամբադ` պատմութեան մէջ: Դուն, որ աղօթքն ես ու մեր հաճոյքը,- Հայոց լեզու, կը սիրեմ քեզ:

Վ. ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ

Արարատը Հայացնող Թարգմանիչներու Կարօտով (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց Տօն)

0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

… Անոնք յեղափոխեցի՛ն հայ կեանքը, յեղափոխեցի՛ն մեր պատմութիւնը:

ԶԱՐԵՀ ԱՐՔ. ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆ

 

Տիեզերահունչ աստուածութիւններու քաջահմուտ եւ սրտամօտ սրբազանին սա քանի մը բառերը, որոնք լոյս տեսած են անոր «Զաստուած տեսնել» պատկառելի հատորին մէջ, իրենց խորքով եւ անպաճոյճ տեսքով արդէն կը բնորոշեն Գիրերու գիւտին եւ Թարգմանչաց տօնին խտացուած խորհուրդն ու ապագայակերտ իմաստը:

Փաստօրէն, հայ կեանքի ու տեսիլքի ամենավառ ու անփոխարինելի երկու տօներուն մասին է խօսքը: Տօներ, որոնք կ՛իմաստաւորուին իրարմով, կը բիւրեղանան եւ կը շնչաւորուին զիրար սիրելով, ողջագուրուելով եւ յափշտակուելով: Տօներ, որոնք հիմք հանդիսացած են ազգի մը քաղաքակրթական նուաճումներուն, ազգային  պատկանելիութեան եւ արժանապատուութեան խարսխումին:

Ահա հրաշափառ գաղտնիքը հայութեան գոյատեւման ու պահպանման: Գաղտնիք, որ պայծառ ու թափանցիկ է արեւու ճառագայթներու նման, ունի ուժեղ  ներքին կառուցուածք` դարեր ապրելու եւ հզօր կարողականութիւն` յարատեւ ու յամառօրէն ստեղծագործելու:

Հոկտեմբերի առաջին շաբաթ. կրթական կեանքի, հոգեմտաւոր լոյսի ու հայեցի դաստիարակութեան վերամուտ: Սկիզբ` հայ դպրոցի զանգին ու նաեւ ահազանգին:

Այո՛, վերամուտի զանգին, որուն ղօղանջները կ՛արձագանգեն Ոսկեդարէն, 405 թուականէն, երբ Ս. Մեսրոպ ու անոր աշակերտները, ապաւինելով իրենց գիտական մտքին, մարդկային վսեմ կոչումին ու հայրենապաշտի կազմաւորումին, տիւ եւ գիշեր տքնեցան, հետազօտեցին, աներկիւղ ու վճռակամ աշխատեցան` յանուն հայ դիմագիծի ու տիպարի բիւրեղացման, յանուն տեսլապաշտ ու յառաջադէմ ազգի մը կերտումին:

Անոնք յեղաշրջեցին օրուան տկլոր ու տխեղծ մտայնութիւնն ու ինքնասպան ապրելակերպ վարելու մօտեցումները եւ ցոյց տուին հայակերտումի ճշմարիտ ուղին:

Անոնք, շնորհիւ իրենց նորարար ու յեղափոխաշունչ մտքին, նախաձեռնող ու ազատատենչ ոգիին դարձան ազգի մը յառաջամարտիկները, որոնց վիճակուած էր գիտակցիլ դարու հրամայական պահանջներուն, նետուիլ հոգեմտաւոր գուպարին մէջ եւ ապահովել հայութեան շարունակականութիւնը:

Արդար է ըսել, որ հայ գիրերու գիւտին շնորհիւ Արարատն անգամ հայացաւ ու զգեցաւ յարատեւութեան խորհրդանիշ պատմուճանը:

Ու դարեր շարունակ հայութիւնը ըմբռնեց մեսրոպաշունչ ոգիին մեծութիւնը ու հաւատարմօրէն քալեց անոր ճանապարհէն: Հայը հաւատարիմ մնաց հայոց մեծաց հոգեմտաւոր կողմնացոյցին, տոկաց` հակառակ տառապանքի ու հալածանքի, մութ ու խաւար դարերուն, եւ պաշտամունքի արժանացուց հայոց լեզուն, ազգի մեծասքանչն ու անփոխարինելի ոսկեղինիկը:

Ինչո՞ւ պէտք է ընդգծեցինք նաեւ վերամուտի ահազանգը:

Որովհետեւ քաջ գիտենք, որ սփիւռքացած հայը տակաւ կը կորսնցնէ իր դիմագիծը, կամովին կ՛օտարանայ հայ մշակոյթէն, կ՛ուրանայ հայ եկեղեցւոյ ուժին ու շարականին հրապոյրը, հայ մայրը` զուարթութեամբ յագեցած, իր զաւակը կը յանձնէ օտար վարժարան գիտակցաբար կ՛անարգէ հայեցի դաստիարակութիւնը, չ՛ուզեր լսել հայաշունչ որեւէ երգ ու պար, հայ ընտանիքի հայրը` տուրք տալով օտարամոլի մտայնութեան, կ՛արհամարհէ հայոց լեզուն անգամ` պէս-պէս պատճառաբանութիւն հրամցնելով ասդին ու անդին:

Որքանո՞վ արդարանալի եւ ըմբռնելի է, որ հայ դպրոցի մը տնօրէնը իր զաւակները յանձնէ օտար վարժարան ու բեմերէն կը ճարէ հայեցի դաստիարակութեան մասին:

Իսկ ահազանգին միւս երեսը կ՛առնչուի հայ իրականութեան, հայ մարդուն, հոգեւոր ու քաղաքական գործիչին, պատասխանատու ու ղեկավար շրջանակներու, որոնք կոչուած են ստանձնելու հայ կեանքի առաջնորդութիւնը:

Ու այս պատեհ առիթին, կրկին ու բարձրագոռ հարկ է ըսել, որ շատ անգամ ականատես կ՛ըլլանք այնպիսի ոչ հայավայել աշխատելաոճերու, տրամադրութիւններու եւ մօտեցումներու,  ի հեճուկս ասոր կամ անոր, որոնց իբրեւ հետեւանք ազգային տուեալ կառոյց(ներու) հիմերն անգամ կը խարխլին, կը մաշին ու կ՛անշքանան:

Փաստօրէն, ի՜նչ կ՛արժէ Թարգմանչաց տօնին առիթով կազմակեպուած հանդէս(ներ) մը, որ չի փոխանցեր հայոց նուիրեալ մեծերու շունչն ու ոգին, կամքն ու տեսլականը: Արդեօք սոսկ ճարե՞ր արտասանելով, ինքնագոհ ժպիտներ բաշխելով, այսպէս ասած, մտածողի ու տագնապողի շպար հանդերձելով` հաւաքական կեանքը պիտի կարենա՞յ վերականգնիլ, որակաւորուիլ ու առաւել հայանալ:

Ու հաւաքաբար, առանց դոյզն խղճմտանքի, ժպտերես ու անհոգաբար կը շարունակենք մեր կեանքը, դէպի քաոս ու յստակ կործանում: Ինչո՞ւ կամովին կ՛անգիտանանք ստեղծուած ահաւոր վիճակներն ու ապառողջ կացութիւնները, որոնք պատուհաս են հայ իրականութեան, իսկ անոնց յամեցումը` ուղղակի կործանարար:

Յայտնապէս, երբ գաղութահայ կեանքի տարբեր կռուաններ, առաւելաբար կրթականի ու դաստիարակչականի առնչուող, տակաւ կը կորսնցնեն իրենց իմաստն ու կոչումը, կը դառնան անարդիւնաւէտ ու ինքնանպատակ, երբ հայ վարժարանի մը փակումը կ՛ընկալուի որպէս սովորական երեւոյթ, երբ հայոց լեզուի նահանջն ու աղաւաղումը կը դիտուի որպէս բնական ընթացք, երբ հայ մամուլի էջերը զիջած են փառքի ու ցուցամոլական հանդէսներու, երբ հայ գրողի ու մտաւորականի, լեզուաբանն ու քերականագէտի, յօդուածագիրի ու հրապարակախօսի լուրջ, խոհուն եւ հայաբոյր պատգամներն անգամ կ՛անտեսուին, ալ ինչ խօսք պէտք է ըսել նորահաս սերունդին, Թարգմանչաց տօնին առիթով:

Միանշանակ յայտնել է պէտք, որ հայ լեզուն ու վարժարանը ի հայրենիք ու սփիւռս աշխարհի կ՛ապրին օրհասի օրեր` զանազան պատճառներով:

Հոկտեմբերի երկրորդ շաբաթ. հայոց պատուաբեր գիրերու գիւտին ու անոր շունչ ու ոգի սերմանած` վեհափառ թարգմանիչներու յիշատակին նուիրուած տօնն է:

Այո՛, մեր սրբազան թարգմանիչները, որոնք օժտուած էին տուեալ ժամանակի գիտական ու բարոյահոգեբանական արժանիքներով, եւ տիրապետելով բազում լեզուներու ամենանուրբ արտայայտութիւններուն, պարզապէս հանդիսացան այն ապառաժեայ բարձունքը, քաղաքակրթական պատուանդանը, որուն վրայ հայ ազգը կրցաւ արձանագրել իր հաւաքական յիշողութիւնն ու ամրագրել աստուածահաճոյ տաղանդը:

Երբեմնի Վաղարշապատը, հայ ինքնութեան ու ստեղծագործ ոգիի օրրան էր հանդիսացեր: Հայոց Վռամշապուհ թագաւորը, քաղաքական փայլուն յաղթանակի եւ ազգային հպարտութեան դրօշը բարձրացուցած` թեւ ու թիկունք էր հայ գիրի ու ոգիի ստեղծիչ Մեսրոպ Մաշտոցի: Հապա՞ հայոց կաթողիկոս Սահակ Պարթեւ, իբրեւ հայ հոգեւոր ու ազգային արժէքներու պահապան ու գիտակից կղերական, արդէն իր խոր աջակցութիւնն ու հովանաւորութիւնը փոխանցած էր բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատային լուսաւոր աշխատանքին ու հայեցի դաստիարակութեան:

Եւ դարեր շարունակ, հայ ինքնութեան, դիմագիծի ու պատկանելիութեան առաւել հարստացման եւ յառաջդիմութեան հիմքը հանդիսացաւ Թարգմանչաց սերունդը, որուն գիտական ու քաղաքակրթական իւրաքանչիւր նուաճում ազգային հոգեմտաւոր անգնահատելի գանձարանին մաս կազմեց` ցոյց տալով հայ հանճարի գերազանց փայլատակումը` քաղաքակրթական հին թէ նոր աշխարհի խորապատկերին մէջ:

Ու այսօր, կրնա՞նք քաջաբար յայտարարել, թէ մենք ժառանգորդն ենք Թարգմանչաց սերունդին, անոնց եզակի կամքին ու հայրենապաշտի ոգիին հաւատարի՞մ ենք, անոնց սրբատաշ հոգիի կանչին ականջալո՞ւր ենք, գիտակի՞ց ենք անոնց գործած սխրանքին ու յեղափոխաշունչ մտայնութեան:

Անոնք, 16 դարեր առաջ, տիրապետեցին  քաղաքակրթական յաջողութիւններու ամենահզօր զէնքին` մայրենի լեզուին ու ինքնութեան, բայց մանաւանդ հաւատացին ազգային ինքնուրոյն դիմագիծի ու հանճարի զօրութեան: Անմնացորդ գործեցին ու նուիրումով յաղթեցին խաւարի մտայնութեան, գերազանցեցին իրենք զիրենք եւ դարձան ուխտապահը դարերու խորերէն ճառագայթող արժեհամակարգի:

Անոնք` սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ, Մովսէս Խորենացի, Եղիշէ, Ղազար Փարպեցի, Փաւստոս Բիւզանդ ու բազում հրաշք տիտաններ, եղան լոյսի ու յոյսի փարոսներ, հոգեկերտման ու հայակերտումի ամրոցներ:

Անոնք սիրեցին հայոց լեզուն, պաշտեցին ոսկեղինիկը, ըմբռնեցին գիրի ու գրականութեան անփոխարինելի արժէքը, պեղեցին պատմութիւնն ու անգիր բանահիւսութիւնը, եղան քերթողահայր ու պատմագիր, եղան մղիչ ուժն ու ոգեւորող միտքը` Նարեկացիի, Շնորհալիի ու Մխիթարեան հայրերու, եղան սրբազան հայեր ու արարատապաշտ նուիրեալներ, եղան հազարաւոր մագաղաթներու կերտիչը, մանրանկարիչներու սնուցիչը, բայց մանաւանդ` հայ հանճարի բոցավառումին նպաստող ամենահզօր պատուանդանը:

Անոնք հայացուցին Արարատը: Մենք ի՞նչ կ՛ընենք:

 

 

 

Դիմատետրի Տարածքէն Ներս Զգուշութիւնը Լաւ Բան է

0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Մինչեւ մօտաւորապէս մէկուկէս տասնամեակ առաջ, լրատուական աշխարհէն ներս մենաշնորհ հաստատած էր դասական մամուլը՝ տպագիր, ձայնասփռուող, հեռատեսիլային կամ կայքէջի ձեւով։
Թերթի մը, կայքէջի մը, կամ լրատու այլ տեսակի հաստատութեան մը տէրը (անհատ, ընկերութիւն, թէ կազմակերպութիւն), ինք կը ճշդէր, թէ տուեալ հաստատութեան խմբագիրը ո՞վ պէտք է ըլլայ, հիմնուելով ենթակային մասնագիտական կարողութեան վրայ։ Իսկ խմբագիրը (կամ պատասխանատուն), իր կարգին գործի կը հրաւիրէ լրագրական մասնագիտութեան տէր անձեր։ Ճիշդ այնպէս, ինչպէս ինքնաշարժի նորոգութեան խանութի տէրը աշխատանքի կը հրաւիրէ արհեստաւորներ. ինքնաշարժի մեքենայ նորոգող մը բնականաբար գործի պիտի չհրաւիրէ… խոհարար մը։
Հետեւաբար, երբ մէկու մը ինքնաշարժը խանգարուի, զայն չի տանիր դերձակի մը, այլ՝ ինքնաշարժի մասնագէտի մը։

Նոյնն է պարագան լրատուական աշխարհին։ Երբ մարդիկ ուզեն գիտնալ, թէ ի՞նչ պատահած է երկրին մէջ, մսագործի խանութ կամ «մոլ» չեն երթար տեղեկութիւն հաւաքելու համար։ Այլ՝ կը բանան թերթ մը, կամ ձայնասփիւռի, հեռատեսիլի կայան մը, եւայլն, որպէսզի լրատու աղբիւրէն առնեն իրենց տեղեկութիւնը, քաջ գիտնալով, որ այդ աղբիւրը կը ղեկավարուի արհեստավարժ, այդ գործին մասնագէտ անձերով, լրագրողներով։

Մէկ խօսքով, շատ տարրական բաներ կ’ըսենք. մեծ գիւտեր չկան մինչեւ հոս։

Այսպէս էր… մինչեւ մէկուկէս տասնամեակ առաջ, երբ յանկարծ Մարք Զիւքըրպըրկ անունով երիտասարդ ամերիկացի մը աշխարհին յայտարարեց՝ «Ժողովուրդ, գիտէ՞ք ինչ, ես ձեզմէ ամէն մէկուդ ձեր սեփական թերթը, կայքէջը, հեռատեսիլի կամ ձայնասփիւռի կայանը ունենալու գործիքը պիտի տամ։ Լրատուութեան բնագաւառի մասնագէտ ըլլաք կամ ոչ՝ կարեւոր չէ»։

Եւ ստեղծուեցաւ դիմատետրը (Facebook)։

Մարդիկ սկսան իրենց հեռաւոր հարազատներուն հետ անմիջական կապի մէջ ըլլալ, գրելով, լուսանկարներ բաժնեկցելով, ընտանեկան պահեր ու յիշատակներ, նորութիւններ կիսելով («Գոհարը յղի է, Սագոն ալ նշանեցինք»), մէկ խօսքով՝ տեղեկութիւններ փոխանցելով։ Ուրիշներ սկսան իրենց մտածումները, կարծիքները, մինչեւ իսկ անձնական ապրումները կիսել դիմատետրով։ Ուրիշ մը՝ մամուլին մէջ հրապարակուած նիւթ մը կիսելով դիմատետրի իր «ընկերային» միջավայրէն ներս. մէկ ուրիշը՝ թէ ճիշդ այս պահուս ինչ կ’ուտէ եւ ո՞ր ճաշարանին մէջ. մէկ ուրիշը՝ թէ այս նկարին մէջ երեւցող հարսին հագուստը սիրա՞ծ է, թէ ոչ, կամ՝ այս պահուս ո՞ր օդակայանն է կամ ո՞ւր է։ Մէկ խօսքով, ամէն մարդ կը կատարէ իր սեփական «քարոզչութիւնը», իր «սեփական» թերթին՝ դիմատետրին միջոցով։ Ուշադիր՝ սխալի, կամ ճիշդի հարց չենք դներ, այլ պարզապէս կը փորձենք իրականութիւնը պարզել։

Այս յօդուածագիրը եւս կը գործածէ դիմատետրը ընկերային կապերու, ինչպէս նաեւ յօդուածները եւ տեսակէտները աւելի եւս տարածելու նպատակով։

Այս բոլորին մէջ, բնականաբար կայ մեզ ամենաշատ շահագրգռող մասը՝ քաղաքական երեսը։ Տրուած ըլլալով, որ պրն. Զիւքըրպըրկը զինք խմբագիր կարգած է իր «սեփական թերթին», տուեալ անձ մը կը սկսի քաղաքական լրատուութիւն կատարել (կամ բաժնեկցիլ նման նիւթեր), առանց որ լրագրութեան բնագաւառէ հասկցող մը ըլլայ։

Գանք հայկական իրականութեան։

Տալով քանի մը օրինակներ՝ «Նիւ Եորք թայմզ»ը, «Իքոնիմիսթ»ը, «Տեր Շփիկըլ»ը, «Ֆաքս նիւզ»ը, կամ «Լը Մոնտ»ը իւրաքանչիւրը ունի իր առաջնահերթութիւնները։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պաշտպանէ տուեալ խաւի մը (դասակարգ, պետութիւն եւայլն) շահերը։ Հարցերը կը դիտէ, կը վերլուծէ, կամ կը ներկայացնէ ա՛յդ շահերուն տեսանկիւնէն։ Կը մերժէ հակառակ տեսակէտները տարածել։ Օրինակի համար, 2003ին Իրաքի դէմ շղթայազրծուած պատերազմի նախօրեակին, «Նիւ Եորք թայմզ»ը վերածուած էր պատերազմի ջատագով թմբկահարի, կրկնելով ու տարածելով այն կեղծ լուրը, որ Իրաքը ունի զանգուածային քանդումի զէնքեր եւ ուրեմն՝ պէտք է չէզոքացնել այդ «վտանգը». կարեւոր չէին հակառակ տեսակէտը փաստացի տուեալներով ներկայացնող ՄԱԿի համապատասխան յանձնախումբի մասնագէտ անդամներուն կարծիքները (ներառեալ ամերիկացի Սքաթ Ռիթըրի)։ Այդ օրերու ամերիկեան վարչակազմին շահերը կը պահանջէին Իրաքի վրայ յարձակիլ եւ ամերիկեան մամուլը ծառայեց այդ նպատակին համար նպաստաւոր հանրային կարծիք ստեղծելու գործին։ Այս երեւոյթը անշուշտ մերօրեայ համաշխարհային մամուլին տագնապն է, որ ուրիշ նիւթ է, որուն կը խոստանանք անդրադառնալ այլ առիթով մը։ Բայց հիմակուհիմա մնանք կառչած դիմատետրի երեւոյթին։

Գանք հայկական իրականութեան, ուր (գէթ սկզբունքով եւ մեր կարծիքով) մամուլին դերը պէտք է ըլլայ ամէն բանէ առաջ պաշտպանել ու առաջ մղել Հայաստանի ու հայութեան շահերը։ Նախ՝ չտարածել թշնամիին համար նպաստաւոր տեղեկութիւններ կամ վերլուծումներ, ապա՝ Հայաստանի ու հայութեան համար նպաստաւոր տեղեկութիւնները, տեսակէտները տարածել ու այս ձեւով հայկական ընդհանուր «պաշտպանական համակարգ»ին մէջ դերակատարութիւն ստանձնել։

Գալով հայկական ներքին հարցերուն, հասկնալի է, որ տուեալ լրատուամիջոց մը կրնայ պաշտպանել, կամ քննադատել Հայաստանի ու հայկական միջավայրէն ներս պարզուած երեւոյթ մը։ Թերթ մը կրնայ պաշտպանել իշխանութիւնները, ուրիշ մը իրաւունքը ունի քննադատաբար վերաբերելու։ Անիշխանութիւնը եւ աւերը կը սկսի հոն, երբ տուեալ լրատուամիջոց մը կը սկսի առաջնորդուելու «ամէն ինչ սեւ է», կամ «ամէն ինչ վարդագոյն է» սկզբունքով։ Կը յիշեմ անցեալ Ապրիլի պատերազմէն քանի մը ամիս վերջ, Հայաստանի «օլիկարխներէն» մէկուն պատկանող «սուփըրմարքէթները» սկսան յաւելեալ այսքան դրամ գանձել յաճախորդներէն՝ իւրաքանչիւր փլասթիք տոպրակի համար (բան մը, որ տարիներէ ի վեր կը կիրարկուի գէթ Ամերիկայի տարածքին՝ կենսոլորտային մտահոգութիւններէ թելադրուած). պէտք էր տեսնել «ընդդիմադիր» կոչուած մամուլին աղմուկը, թէ՝ «տեսէ՛ք, ժողովուրդը կողոպտելու ինչ նոր հնարքներ են գտել», փոխանակ քաջալերելու, որ երեւոյթը ընդհանրանայ՝ ի շահ երկրի կենսոլորտի մաքրութեան։ Կամ՝ իշխանամէտ մամուլին քար լռութիւնը, ի տես նոյն այդ ընչաքաղց խաւին կառուցած եւ բազմամիլիոն տոլար արժող դղեակներուն։ Բարձրացէք Երեւանի Զէյթուն, կամ Մոնումենտ թաղամասերը եւ միայն սիրտխառնուք պիտի ունենաք, ի տես դղեակներու տեսքով ցուցաբերուող լկտիութեան։ Այս մասին, հայաստանաբնակ մեր եղբայրները թրքերէն բառ մը գործածեն, որ այս պարագային շատ տեղին է. ներեցէք որ ես ալ գործածեմ՝ «կէօրմէմիշ» (չտես)։

Երբ «արհեստավարժ» ու գործին «մասնագէտ» համարուած շրջանակներն են այս էապէս կողմնակալ ու վնասակար վարքագիծին հեղինակները, ալ ի՞նչ սպասել դիմատետրը գործածող պարզ անհատներէն, որոնք լրագրողական ասպարէզին հեռուէն կամ մօտէն առնչութիւն չեն ունեցած։ Հանրութեան հասցէին մեղադրանքի շեշտադրումով չենք ըսեր ասիկա, այլ պարզապէս ցոյց տալու, որ երբ «մասնագէտ» նկատուածը շեղած է, ինչպէ՞ս կրնայ չշեղիլ իրապէ՛ս ոչ մասնագէտը։

Բայց եւ այնպէս, աւեր կը գործուի հայկական ընկերային ցանցերուն մէջ։ Չէ՞ որ մարդիկ ազատ են իրենց կարծիքներուն մէջ. այս սկզբունքը նուիրական է բնականաբար։ Սակայն կարծիք յայտնողը պիտի վստահ ըլլայ, որ տուեալ նիւթին կը տիրապետէ։ Կարելի չէ կարծիք յայտնել նիւթի մը մասին, որմէ գաղափար չունի ենթական. կամ՝ յայտնել այդ կարծիքը միայն իր ունեցած տեղեկութիւններուն չափով։ Օրինակի համար, անցեալ տարուան ապրիլեան պատերազմէն ետք, ապշելու բան էր երբ նկատեցինք, որ դիմատետրի վրայ բազմահարիւր անձեր սկսան «հեղինակաւոր» կարծիքներ յայտնել զինուորական, ռազմագիտական ու զինուորական մարտավարութեան այնպիսի խրթին հարցերու մասին, որոնք հասու են միայն մասնագէտ զինուորականներու։ Բազմահարիւր (կամ՝ բազմահազար) անձեր ալ, առանց մտածելու, թէ հայկական իրականութեան մէջ ինչպիսի՛ վնասակար մթնոլորտ ու հանրային կարծիք կրնայ ստեղծուիլ հայկական միջավայրէն ներս, առանց երկմտանքի, իրենց դիմատետրի էջերով տարածեցին այդ էապէս վնասակար տեսակէտները։ Պահ մը տարուեցանք մտածելու, որ այսքան ռազմագէտ եւ զինուորական արուեստի հմուտ մարդիկ կան եղեր մեր մէջ եւ ոչ ոք լուր ունի…

Աւելի՛ վտանգաւորը սակայն այս պարագային այն է, որ մեր թշնամիները կը հետեւին հայկական ընկերային ցանցերուն, կը նշմարեն ու կ’արձանագրեն այս երեւոյթները։ Ոչ միայն այդ, այլեւ կեղծ հայկական անուններով դիմատետրի էջեր կը բանան ու կը փորձեն թափանցել հայկական ընկերային ցանցերէն ներս, հոն իրենց սեւ գործը ընելու համար։

Մեր կարծիքով, իւրաքանչիւր հայորդի, որ դիմատետր կը գործածէ, գէթ Հայաստանի ու հայութեան դիմագրաւած արտաքին քաղաքական խնդիրներու պարագային, անհրաժեշտ գիտակցութիւնը ցուցաբերելու պարտաւորութեան տակ պիտի զգայ ինքզինք, որպէսզի ակամայ զոհ չդառնայ թիւրիմացութիւններու, կամ անտեղեակութեան։ Այս գիտակցութիւնը բաղձալի է, որ տարածուի հայկական ընկերային ցանցերուն մէջ։

 

Սիմոն Զաւարեան՝ Աշխարհիկ Սուրբը (Մահուան 104-րդ Տարեդարձին Առիթով)

0
0

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

1913 թուականի Հոկտեմբեր 15ին, իր բնակարանէն դէպի «Ազատամարտ» օրաթերթի խմբագրատան ճամբուն վրայ, Պոլսոյ Աշխատանքի Տան առջեւ յանկարծամահ ինկաւ մեծ հայ մը, անզուգական յեղափոխական մը եւ բարոյակեդրոն Դաշնակցական մը։ Ան կը կրէր մեր մեծագոյն սերունդի օրհասական մաքառումներու, տառապանքի եւ նահատակութեան ամէնէն հնչեղ, ամէնէն սիրուած եւ ամէնէն նուիրական անունը՝ ՍԻՄՈՆ ԶԱՒԱՐԵԱՆ։

Հնչեղ անուն մը, որուն միակ հոմանիշները հանդիսացան ու կը շարունակեն հանդիսանալ գործ եւ աշխատանք, գաղափարականութիւն եւ նուիրում։

«Խօսքը առանց գործի մեռեալ է»։ Այս խորագրութեամբ կը գրէր ան իր վերջին յօդուածը «Ազատամարտ»ի մէջ, իր եղերական մահէն ուղիղ երեք օր առաջ։ Ապա կը շարունակէր,

«Ոչ մի տեղ, կարծեմ, հանդէսները, ճառերը, թափօրները, ցոյցերը, արտաքինը՝ չեն խաղում այն դերը, ին՜չ որ մեր հայերի մէջ…։ Չափը, կշիռը, հետեւողականութիւնը եւ իրական արժէքի գնահատութիւն չունին մեզի համար, այլ օրուայ տրամադրութիւնը, նայելով, թէ ո՞վ աւելի ճարպիկ է այս կամ այն ձեւի հանդէս, ճառախօսութիւն, թմբկահարութիւն կազմակերպելու։»

Ահաւասիկ այդ օրուան մեր հաւաքական կեանքի մասին Զաւարեանական խորաթափանց ախտաճանաչում մը, որ կը մնայ ի զօրու եւ այժմէական նաեւ ներկայիս։

Իր անհուն հայասիրութեան, անկեղծ ընկերասիրութեան, բարոյականի խոր հասկացողութեան, յեղափոխականի աննկուն նկարագրին եւ անհատնում նուիրումին համար մեր ժողովուրդը, իր գաղափարական ընկերները ու նաեւ հակառակորդները իրեն անուանեցին «աշխարհիկ սուրբ»ը։

Սակայն, Սիմոն Զաւարեան միայն «աշխարհիկ սուրբ» չէր։ Ան տիպար մտաւորականն էր, հայու կատարելատիպը, որ խորհելու, խորհրդածելու եւ զգալու իր բնական տարերքին հետ կը ձգտէր ու կը գործէր։

Ան նաեւ «զինուոր սուրբ»ն էր։ Ինքզինք քարացած սկզբունքներով կամ քրիստոնէական սին խոնարհութեամբ չէր սնուցանէր։ Ան կռուող էր, մարտնչող ու գործող միանգամայն։ Ան «զինուոր սուրբ»ն էր յեղափոխութեան եւ հայութեան ազգային ազատագրական պայքարին։

Իր հետեւողական աշխատանքով եւ մանաւանդ իր բարոյականով, Հայկական Յեղափոխութեան երկունքի օրերէն սկսեալ Սիմոն Զաւարեան հմայք ու կորով ներմուծեց հայ գաղափարական երիտասարդներու սրտին։ Մարգարէական իր ներշնչումներովն ու անձնուիրութեամբ, համեստ եւ անշահախնդիր ոգիով, ան կը ներկայանար շարունակ անտէր ու անտիրական հայութեան, կը վազէր դէպի գիւղն ու հիւղակը, կը բոցավառէր մեր ազգային ազատագրական պայքարը, միշտ իր հոգին փոթորկող միեւնոյն նշանաբանով՝ «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է»։

Իր բեղմնաւոր, անհանդարտ եւ անսպառ կորովով զեղուն կեանքը կը ձգտէր արդարութեան եւ ազատութեան գաղափարի իրագործման։ Այս կեանքը սէր եւ պաշտամունք կը տածէր ճնշուածին, զրկեալին եւ հարստահարեալին։

Սիմոն Զաւարեան Հ. Յ. Դաշնակցութեան հիմնադիր մէկ անդամը չէր միայն։ Միայն Դաշնակցութեան խիղճը չէր։ Աւելին էր։ Ան հայ ժողովուրդի խիղճն էր։ Ինչպէս Արշակ Չօպանեան կը նկարագրէ, «Զաւարեան ուրիշ ոչինչ էր, եթէ ոչ նոյնինքն հայ ժողովուրդը իր բարոյական լաւագոյն տարրերուն մէջ խտացած, համադրուած, խորհրդանկարուած։ Ծայրայեղ զգայնութիւն, պարզ ու խորին անկեղծութիւն, ժողովրդասիրութիւն, ազատասիրութիւն, առաջդիմասիրութիւն, անվհատ եւ անխոնջ աշխատասիրութիւն, գաղափարի մը համար յօժարակամ յանձն առնուած չարաչար ու անվերջ զոհաբերութիւն, ասոնք էին Զաւարեանի յատկութիւնները։»

Կա՛մ կատարեալ կամ երբեք։ Այս եղաւ հիմնական յատկանիշը Զաւարեանի գաղափարական հանգանակին եւ գործունէութեան ուղեգծին։ Չկայ միջին ճամբայ, կա՛մ կատարեալ կամ երբեք։ Ինչպէս նաեւ չկան ներելի խոտորումներ եւ վրիպումներ անոնց համար, որոնք կը հաւատան արդարութեան իտէալին եւ այդ իտէալին համար հասարակութեան առաջնորդները կը հանդիսանան։

Այդ իտէալին հաւատացողը, քարոզիչը եւ գործիչն էր Զաւարեան։ Ամէնէն առաջ ի՛նք կը գործադրէր իր պաշտպանած սկզբունքները, իր անձին օրինակով։ Այսպէս էր որ ինքզինք ենթարկեց զրկանքներու եւ ընծայեց զոհողութեան ասպարէզին։ Համեստ ու անփառասէր էր, ատելով հարստութիւնը իբրեւ ընկերութեան ու անհատի անբարոյականացման փորձիչ միջոցը։ Նուիրեց ինչ որ կրնար, իր բոլոր մտածումները, իր լաւագոյն կարողութիւնները, ե՛ւ իր գործը եւ իր կեանքը՝ իր սիրած ժողովուրդին, իր պաշտած հայրենիքին։ Իրեն համար ժողովուրդին ծառայելը դրամով չէ, ճիշդ այնպէս ինչպէս իր իսկ բառերով «յեղափոխութիւնը դրամով չէ»։

Այս իրողութեան գիտակցութեամբ, Երուանդ Օտեան կը հաստատէր, «… Զաւարեան Դաշնակցականէ աւելի Հայ մըն էր եւ Հայէ մը աւելի մարդ մը, միայն այն Տիպար Մարդերէն, որ բնութիւնը կը ստեղծէ, իբրեւ օրինակ ծառայելու համար մեզի եւ որոնցմէ, ափսոս, չենք կրնար օգտուիլ յաճախ»։

Զաւարեան գործի մարդ էր։ Քառորդ դար ան եղաւ կեդրոնական դէմքերէն մեր ազատագրական պայքարի գաղափարականացման, տարածման, ծրագրման եւ գործադրման։
Այս իմաստով, Հայկական Յեղափոխութեան «զինուոր սուրբը» բարոյականի եւ խղճի մարմնացումը չէր միայն, այլեւ գործի։ Կը հաւատար գործին անհունօրէն եւ առ այդ ինքզինք խօսքէ աւելի նուիրած էր գործին, աշխատանքին։

Ըլլալով յայտնի գիւղատնտես, Կովկասի մէջ Զաւարեան կը վայելէր մեծ հեղինակութիւն։ Դիւրութեամբ կարող էր ստանձնել որեւէ պետական կամ հասարակական պաշտօն։ Սակայն, հակառակ իր այս գիտական կարողութեան, ան երկրորդական համարեց պաշտօնը, որպէսզի կամաւորաբար կարողանար ծառայել իր սիրած ազգին՝ գիտութեան ճամբով, ի հարկին յեղափոխական կռիւի ուղիով։

Զաւարեան ամէնէ շատ հակում ունէր դէպի գիւղն ու դպրոցը։ Ուր որ երթար, գիւղի ուսումնասիրութեան կողքին իր հոգածութեան գլխաւոր առարկան կը դարձնէր աշակերտութիւնը եւ ուսանողութիւնը։ Իր գաւառի գիւղացիները զինք կը կոչէին «սուրբ Զաւարեան»։ Երբ Ակնունի բեմերէն կոչ կ՚ուղղէր երթալ «Դէպի Երկիր», իսկ Սիամանթօ իր քերթուածներով կ՚երգէր «Հայրենի Երկրէն» հրաւէրը, Զաւարեան կը գործադրէր երթը «Դէպի Երկիր», կ՚ընդառաջէր «Հայրենի Երկրէն» ղրկուած հրաւէրի կանչին։ Իրեն իբրեւ նշանաբան ընտրած էր երթալ ժողովուրդին, բացուիլ անոր, օգնել գիւղացիին, մշակին, բանուորին, ռենջպէրին։ Եւ օգնել ժողովուրդին ոչ միայն իր գիտելիքներով, այլ ազգային ազատագրական
պայքարի ճամբով։

Զաւարեանի հոգատարութիւնը անսահման էր դէպի չարքաշ գիւղացիի կեանքին։ Կը սիրէր գիւղացին, գիւղը։ Կը պաշտէր հայկական բարձրաւանդակի բնութիւնը։ Կը հաւատար, անհունօրէն կը հաւատար, հայ գիւղացիի եւ հայրենի աշխարհի ազատագրման ու ազատ ինքնավարութեան։

Այս հաւատքէն մեկնելով ան կը հաստատէր, «Քանի կանգուն է Մասիսը, կանգուն կը մնայ հայ ժողովուրդը, անսասան, անխորտակելի»։

Հայութեան յաւերժական ապագայի մասին այս հաստատումը միայն կրնար կատարել իր մարգարէական կշռոյթով մեր ժողովուրդի «աշխարհիկ սուրբը»՝ ՍԻՄՈՆ ԶԱՒԱՐԵԱՆը։

Լոս Անճելըս,
Հոկտեմբեր 12, 2017

Viewing all 12041 articles
Browse latest View live