Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12135 articles
Browse latest View live

Անդրադարձ. Միջազգային Քաղաքականութեան Նոթակալին Վրայ Դրուածը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

11 սեպտեմբեր 2001-ին Քայիտա ահաբեկչական կազմակերպութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ գործեց շարք մը յարձակումներ: 16 տարի ետք, ահաբեկչութիւնը ամէնուրեք կը շարունակէ իր անմարդկային արիւնալի արշաւը, եւ անոր դէմ պայքարը դարձած է միջազգային քաղաքականութեան թիւ մէկ օրակարգը:

Ատիկա մասնաւորաբար ակներեւ է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Ահաբեկչութիւնը պարտութեան մատնելու գերհրամայականը Միացեալ Նահանգներն ու անոր դաշնակիցները մղած է Սուրիոյ մէջ վարչակարգի փոփոխութեան օրակարգը նետելու դարակը: Ներկայ ժամանակաշրջանին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի յաջողութիւնը արգելակող որեւէ հարց անտեսուած է եւ այդ պայքարը խանգարող որեւէ քայլ արգիլուած:

Տիրող մթնոլորտին մէջ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզէն հնչող անկախութեան հանրաքուէի մասին ձայները միջազգային քաղաքականութեան «նոթակալին վրայ դրուած երաժշտական կտորէն» շեղումներ են: «Խմբավար»-ը առայժմ ճպոտը նոթակալին հարուածելով շարունակ կը զգուշացնէ Քրտական ինքնավար մարզի ղեկավարութիւնը, թէ «ահաբեկչութեան դէմ պայքար» խորագիրով տուեալ երաժշտական կտորի բնագիրէն շեղելու կամագնացութիւնը անհանդուրժելի է:

Քրտական կողմը կրնայ մետասաներորդ պահուն` Պաղտատի իշխանութիւններուն հետ համաձայնութիւն մը գոյացնելով «յետաձգել» ինքնորոշման իր բնական ու արդար իրաւունքի կիրարկումը, այլապէս անխուսափելի պիտի դառնայ «խմբավար»-ին կտրուկ միջամտութիւնը` անկէ բխող ահաւոր բոլոր հետեւանքներով: Քիւրտերուն յամառութիւնը զանոնք պիտի վերածէ ահաւոր օրինակի մը, որ ուրիշներուն դաս դառնալով` անոնց մտքէն արմատախիլ պիտի ընէ անուղղայութեան մասին նուազագոյն մտածումն իսկ:

 

 


Ակնարկ. Նուրբ Դիրք` Պրիւքսելի Եւ Մոսկուայի Միջեւ

$
0
0

Համաեւրոպական մակարդակի վրայ Պաքուի ուղղութեամբ բացասական մթնոլորտի տարածման միտումները թափով զարգանալու նախադրեալներ կը փոխանցեն:

Խաւիարային դիւանագիտութեան ծալքերու բացայայտման դրսեւորումները, ամբողջացման կարգով արձանագրած են Փարիզի մէջ պաշտօնական Պաքուի բացած դատը երկու լրագրողներու դէմ, որոնք ալիեւեան իշխանութիւնը որակած էին բռնատիրութիւն. պուլկարական մամուլին կատարած բացայայտումները ազրպէյճանական զինամթերքի ահաբեկչութեան տրամադրումին մասին, ինչպէս նաեւ Պուտափեշթ-Պաքու արտայանձնման գործարքային գործողութիւնը իրականացնելու համար միլիոնաւոր տոլարներու յատկացման փաստի շրջանառութիւնը եւ նորագոյնը` ազրպէյճանական լուացքատան գաղտնազերծումը` կը խօսին տնտեսաահաբեկչական պետական միաւորի մը մութ, սակայն հետզհետէ լոյսին եկող գործունէութեան մասին:

Այս բոլորը, ի հարկէ կ՛արժէ հարց տալ, որ հետաքննական լրագրութեամբ բացայայտուող երեւոյթներ չեն կրնար ըլլալ իրենց բացարձակին մէջ: Կ՛ենթադրուի, որ հետեւող պետութիւնները թէ՛ արտայանձնման մանրամասնութիւններէն, թէ՛ ահաբեկչական խմբաւորումներու հայթայթուած գումարներէն, թէ՛ ալ դրամական հսկայական գումարներու լուացման մեքենականութիւններու մանրամասնութիւններէն տեղեակ էին օրին:

Հիմա պահն է, որ այդ բոլորին լուռ հսկած կեդրոնները, յաճախ ալ այդ գործընթացները տուեալ պահուն արտօնածները, այժմ գէթ տեղեկատուական մակարդակի վրայ գայթակղութիւններու թղթածրարը կ՛ուզեն հարստացնել Պաքուի հետ երկխօսելու նոր պայմաններ ստեղծելու համար:

Դիտարժան երեւոյթ է այն, որ որքա՛ն մօտենայ Երեւան-Պրիւքսել նոր համաձայնագիր ճշդելու թուականը եւ որքա՛ն շատնան այդ ուղղութեամբ եւրոպական համապատասխան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն դրական ու հեռանկարային յայտարարութիւնները, միաժամանակ այնքան բացասական ընթացք կը ստանան Անգարա-Պրիւքսել կամ Անգարա-Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններ յարաբերութիւնները: Կը թուի, որ Անգարայի ուղղութեամբ սկսած է ընթանալ նաեւ Պաքուի նկատմամբ եւրոպական քաղաքականութիւնը: Առայժմ` յայտարարողական եւ տեղեկատուական մակարդակներու վրայ:

Այս առումով անտեսելի չէ պաշտօնական Մոսկուայի յայտարարութիւնը: «Ազրպէյճանի լուացքատուն» անուանումը ստացած հետաքննութեան կապակցութեամբ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտնի բանբեր Մարիա Զախարովան հանդէս եկած է ի պաշտպանութիւն ալիեւներուն եւ Ազրպէյճանը անուանած է «Ռուսիոյ դաշնակից»: «Տեղի ունեցածը ցոյց կու տայ, որ Արեւմուտքը ճնշում կը գործադրէ Ռուսիոյ դաշնակիցներուն վրայ: Կը կարծեմ` խօսքը քանի մը ուղղութիւններով տեղեկատուական ուժեղ ճնշման մասին է: Ատիկա կը կատարուի մեծ քանակութեամբ կեղծ նորութիւններու հրապարակման միջոցով: Մենք կը փորձենք միշտ արձագանգել անոնց», ըսած է Զախարովա:

Յայտնապէս նուրբ է ու բարդ իրավիճակը: Հայկական կողմը ռուսական պահուածքը նկատի ունենալով խանդավառութեան ալիք բարձրացնելու շատ պատճառներ չունի` Պաքուի նկատմամբ եւրոպական քաղաքական բեմերու վրայ զարգացող հակաազրպէյճանական մթնոլորտին դիմաց: Պրիւքսելի հետ նոր համաձայնութիւն ստորագրելու նախաշեմին գտնուող Երեւանը մէկ կողմէ փոխլրացնող բազմաշառաւիղային արտաքին քաղաքականութեան մէջ նոր շրջափուլ թեւակոխելու պատրաստ, միւս կողմէ ռազմավարական յատուկ գործընկերոջ ցուցաբերած զգայնութիւնները  հաշուի առնելով, ծայրայեղօրէն հաւասարակշռուած քայլեր առնելու հարկադրանքին առջեւ կը գտնուի:

Քաղաքական հաշուարկային տրամաբանութիւնը այս բոլորին մէջ կը յուշէ, որ Մոսկուան Պաքուի նկատմամբ սիրաշահելու մօտեցումները պիտի շարունակէ, մինչ եւրոպական պետութիւններ հակաազրպէյճանական տրամադրութիւններու զարգացման պարագային հաւանաբար յիշեն ինքնորոշման իրաւունքի վերաբերող միջազգային իրաւաչափութիւնները:

«Ա.»

Անդրադարձ. Հայաստանը Երկրագործակա՞ն, Ճարտարարուեստակա՞ն, Թէ՞ Այլ Բնագաւառի Երկիր

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

24 oգոստոս 2017-ի ՀՀ կառավարութեան ժողովին ընթացքին վարչապետ Կարէն Կարապետեան ժողովին ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալը. «Համաձայն հողային հաշուեկշռի տուեալների, հանրապետութեան ոռոգելի հողատարածքները կազմում են շուրջ 208 հազար հեկտար, սակայն վերջին տարիներին փաստացի ոռոգուող հողատարածքները տատանւում են 90-130 հազար հեկտարի սահմաններում: Կատարուած վերլուծութիւններից հետեւում է, որ ոռոգուող եւ ոռոգելի հողատարածքների այդպիսի տարբերութիւնը յատկապէս պայմանաւորուած է հողային եւ ջրային ռեսուրսների (միջոցներու), ինչպէս նաեւ ոռոգման ենթակառուցուածքների հնարաւորութիւնների ոչ արդիւնաւէտ օգտագործմամբ, ինչն անթոյլատրելի է որդեգրուած գիւղացիական տնտեսութիւնների զարգացման ծրագրերի պայմաններում» (1), (1 հեկտար= 10 հազար քառ. մեթր):

23 Դեկտեմբեր 2016-ին հրապարակուած «ՀՀ 2014-ի գիւղատնտեսական համատարած հաշուառման հիմնական արդիւնքները (2)

Կ՛արժէ նշել սակայն, որ, ըստ ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան, Հայաստանը ունի 2,1 միլիոն հեկտար երկրագործական հողատարածք` հանրապետութեան տարածքին 72 տոկոսը, որուն մեծամասնութիւնը, սակայն, լեռնային արօտավայրեր են: Կը զարմանամ, որ իրականութենէն անտեղեակ` կարգ մը բանաստեղծներ «քարքարուտ երկիր» կ՛որակեն Հայաստանը, յատկապէս` «Երազ իմ երկիր հայրենի» հանրայայտ երգին մէջ, եւ այս երգի բառերուն հեղինակը, երգողները եւ ծափահարողները բոլորը ակամայ կը մեղանչեն մեր դալար հայրենիքին հանդէպ` տեսնելով միա՛յն 28 տոկոս ոչ դալար տարածքները… Արդեօք աշխարհի երեսին քանի՞ լեռնային երկիր ունի 72 տոկոսէն աւելի երկրագործական հողատարածք:

Մշակելի հողերը կը կազմեն 480 հազար հեկտար` որուն 452 հազար 900 հեկտարը հերկելի հողեր (3): Այստեղ հակասութիւն կայ վարչապետին տուեալներուն մէջ, սակայն հաւանաբար «ոռոգելին» է այս մեծ տարբերութեան պատճառը: Միւս կողմէ` նաեւ հակասութիւն կը նկատուի վերոնշեալ, նոյնպէս ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան պատրաստած տեղեկագիրին` «ՀՀ 2014-ի գիւղատնտեսական համատարած հաշուառման հիմնական արդիւնքները»-ուն հետ, ուր գիւղատնտեսական հողերը 513 հազար հեկտար կը կազմեն: Ո՞րն է իրական պատկերը:

Երկիր մը, որուն 72 տոկոսը երկրագործական կարողականութիւն ունի, կը դասուի իբրեւ ԵՐԿՐԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐ: Պէտք է ընդունիլ եւ համոզուիլ, որ Հայաստանը, իր բոլոր շրջանները նկատի առած, հիմնականին մէջ, ընկերաբանական սահմանումով, «ագարակային ընկերութիւն» է (agrarian society) (4) եւ կը պահանջէ համապատասխան ուշադրութիւն եւ քաղաքականութիւն: Նաեւ` ջուրով հարուստ, ըստ ՖԱՕ-ի (Պարէնաւորման եւ երկրագործական միջազգային կազմակերպութիւն) Հայաստանը անձ գլուխ տարեկան ունի 2780 խորանարդ մեթր (2780 հազար լիթր) օգտագործելի ջուր (5):

Ամէն գնով, արդիական միջոցներով պէտք է պահպանել դարուս ամէնէն թանկագին նիւթերէն` մեր ջուրի պաշարը, յաւելեալ ջրամբարներ եւ ջրելեկտրակայաններ կառուցելով: Կաթիլային դրութեամբ ոռոգել արտերը` առաւելագոյնս օգտագործելով աւելի բարձր ջրամբարներէ մղուող բնական հոսքով ջուրը` նուազեցնելով ելեկտրականութեամբ կամ վառելանիւթով բանող ջրմուղ սարքերու գործածութիւնը: Այս ուղղութեամբ որոշ աշխատանքներ կը կատարուին արդէն, սակայն պէտք է առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ հասցնել այս բնագաւառը:

Հայկական բանակէն եւ ռազմական հզօրացման առաջադրանքէն ետք, երկրագործութիւնը, ներառեալ` անասնաբուծութիւնը եւ ջրային պաշարի լաւագոյնս կառավարումը, պէտք է դասուի, հանրապետութեան երկրորդ կարեւորագոյն բնագաւառը: Վերջին տարիներուն այս ուղղութեամբ գնահատելի աշխատանք կը կատարուի, փաստը` վարչապետին վերոնշեալ ելոյթը:

Գիւղատնտեսական ուսանողներու գործնական աշխատանք

Սակայն նկատելի է, համաժողովրդային եւ պետական առումով, այս բնագաւառի մասնագիտութեան հանդէպ համապատասխան շեշտադրումի պակասը` բաղդատելով համակարգչային մարզին հետ: Երկրին նախագահը եւ վարչապետը քանիցս այցելեցին «Թումօ» կեդրոններ, որոնց մասնաճիւղերը օրէ օր կը տարածուին Հայաստանի եւ Արցախի զանազան շրջաններուն մէջ: Նկատելի է բացառիկ` անբնական խանդավառութիւն, քաջալերանք եւ հիացում…

Եթէ մեր պատանիները եւ երիտասարդութիւնը ապագային գրասենեակներու մէջ համակարգիչին առջեւ նստած աշխատանք պիտի տանին, ո՞վ պիտի մշակէ հողերը, ո՞վ պիտի արածէ հօտերը եւ արջառը, ո՞վ պիտի զբաղի երկրագործութեամբ, ո՞վ պիտի ապահովէ երկրին անվտանգ պարէնաւորումը… Լիբանանի եւ Յորդանանի նման` արտերկրէն բանուորնե՞ր պիտի ներածենք: Արդեօք բոլորը պիտի կարենա՞ն աշխատանք գտնել Հայաստանի մէջ, թէ՞ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով ճամբայ կը հարթենք դէպի արտասահման արտագաղթի, ուր համակարգչային մասնագէտներուն պահանջը մեծ է:

Վերոնշեալ տուեալները նկատի առնելով` իրողութիւնը եւ տրամաբանութիւնը կը պարտաւորեցնեն հիմնելու նաե՛ւ երկրագործական եւ ագարակային ծրագիրով «Թումօ»-ի նման կեդրոններ` Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին արդիական երկրագործական եւ ագարակային նախնական գիտելիքներ ջամբելու մեր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն, զանոնք մղելով ա՛յս ասպարէզին, պահելով զանոնք իրենց հողին վրայ: Արդի հողագործութեան մէջ նաեւ համակարգիչի օգտագործումը մեծ դերակատարութիւն ունի` օդերեւութաբանութիւն, հողի խոնաւութեան աստիճան, կաթիլային ոռոգումի եւ այլ աշխատանքներու ինքնաշխատ սարքերու կառավարում, եղանակային ծրագրաւորում, ջերմոցներու ինքնաշխատ կառավարում եւ այլն: Անհրաժեշտ է պահպանել եւ աւելցնել այժմու երկրագործութեամբ զբաղող ժողովուրդին թիւը` ապահովելով նաեւ ապագայի հողագործը եւ ագարակապանը:

«Երկրագործութիւն մէկ բեռնարկղէ»` արեւային ուժանիւթով, համակարգիչով եւ «Ուայ Ֆայով» կառավարուող, 8 հազար քառ. մեթր հողի վրայ, կ՛ապահովէ 150 անձի տարեկան երկրագործական սնունդը (7), (8)

Կրնամ սխալած ըլլալ, սակայն պետութեան կողմէ նոյն խանդավառութիւնը նկատելի չէ Հայաստանի Ազգային ագրարային համալսարանի երկրագործութեան մասնագիտութիւնը ընտրած ուսանողներուն հանդէպ: Համալսարանը ունի հինգ մասնաճիւղեր` Երեւանի, Վանաձորի, Սիսիանի, Շիրակի եւ Շուշիի (Արցախ) մէջ` եօթը բաժանմունքներով, իւրաքանչիւրը իր կարգին յատուկ մասնագիտութեան ենթաբաժանումներով` 1. Գիւղատնտեսութիւն, 2. Պարէնամթերքի ճարտարարուեստ, 3. Ջուրի բարելաւման, հողամշակման եւ կալուածաչափութեան, 4. Գիւղատնտեսութեան մեքենականացման եւ փոխադրութեան, 5. Անասնաբուժական բժշկագիտութիւն եւ անասնաբուծութիւն, 6. Գիւղատնտեսական առեւտուր եւ շուկայագիտութիւն եւ 7. Տնտեսագիտութիւն (6):

Փաստօրէն երկրագործական ուսանողներու վերի նկարը միա՛կ նկարն է, որ գտայ համացանցին վրայ, այդ ալ համալսարանի կայքէջէն: Թէպէտ կայքէջի նկարներու բաժինը հարուստ է իր 17 էջերով, իւրաքանչիւր էջ` շուրջ 100 լուսանկարներով, սակայն` տարօրինակ է 1700 նկարներուն մէջ միա՛յն մէկ նկարի գոյութիւնը` երիտասարդ համալսարանականներու հողի՛ն վրայ կատարած գործնական աշխատանքին… Կարելի չեղաւ ստուգել տարեկան այս մասնագիտութիւնները ընտրող ուսանողներուն թիւը, սակայն, ըստ երեւոյթին, բարեբախտաբար մեծ է անոնց թիւը:

Հողին կառչած, սահմանամերձ Բերքաբեր գիւղի Վարդանեան ընտանիքին ջերմոցը (9)

Բոլոր տուեալները կ՛ապացուցեն, որ գիւղատնտեսութեան մարզը տակաւին իր կարողականութեան միայն շուրջ 30 տոկոսը կ՛օգտագործէ` հսկայական անսպառ ասպարէզ ընծայելով ներկայի եւ ապագայի սերունդներուն, յատկապէս` մայրաքաղաք Երեւանէն դուրս ապրող մեծամասնութեան համար: Պէտք է գրաւիչ դարձնել երկրագործական ասպարէզը իր զանազան ճիւղաւորումներով` երիտասարդ հայը հողին կապող եւ արտագաղթը, հայրենալքութիւնը կասեցնող, նաեւ հայրենադարձութիւն ապահովող այս բնագաւառը, ժողովուրդը ի՛ր բնակավայրին մէջ պահելու արմատացնելու` իբրեւ բնական ու պահանջուած ասպարէզ:

19-րդ դարու ճարտարարուեստական յեղափոխութեան պատճառով գիւղերէն մայրաքաղաք աշխատաւորներու հոսքը դասական վարակ մըն էր, որմէ կրցան ձերբազատիլ աշխարհի զարգացած երկիրները` շնորհիւ երկրի բոլոր շրջաններու զարգացման տնտեսական եւ ընկերային քաղաքականութեան: Երկրորդ եւ երրորդ կարգի դասուած երկիրները տակաւին կը տառապին դէպի գլխաւոր քաղաքներ ժողովուրդի հոսքէն եւ արտագաղթէն: Հայաստանը դժբախտաբար կը գտնուի երկրորդ դասակարգին մէջ, ոչ թէ` ճարտարարուեստի յեղափոխութեան պատճառով, այլ` վերանկախացումէն ետք փոքրաթիւ անհատներու կողմէ հայրենիքին հարստութիւնը, տնտեսական կարողականութիւնը վայրագ կերպով յափշտակելու մոլուցքին հետեւանքով եւ երկրի ընդհանուր բարգաւաճման, զարգացման եւ հայրենադարձութեան քաղաքականութեան բացակայութեան պատճառներով:

Գնահատելի է այս կառավարութեան կողմէ բոլոր մարզերը զարգացնելու շեշտուած քաղաքականութիւնը եւ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան ցարդ կատարած եւ կատարուող աշխատանքը: Գնահատելի է նաեւ կարգ մը հայաստանեան ձեռնարկութիւններու կողմէ երկրագործական ենթակառուցուածքներու տեղական արտադրութիւնը, ինչպիսիքն են` կաթիլային ոռոգումի խողովակներն ու սարքերը եւ երկրագործութեան յատուկ ջրաբաշխումի այլ պիտոյքները: Զուգահեռ կերպով պէտք է ստեղծուին երկրագործութեան եւ անասնաբուծութեան պահանջները մատակարարող գործարաններ եւ ծառայութիւններ`  առաւելագոյնս արտադրելու երկրագործական եւ ագարակային տնտեսութեան համար պիտանի լրացուցիչ բոլոր սարքերը, կազմածները, գործիքները եւ մեքենաները:

Այս ուղղութեամբ, հետաքրքրական է վերեւ երեւցող «երկրագործութիւն մէկ բեռնարկղէ» դրութիւնը` սկսած Ամերիկայի մէջ, որ 12 ամիս բանջարեղէն կ՛ապահովէ նոյնիսկ սառուցեալ Ալասքայի մէջ: Կ՛արժէ ագրարային համալսարանի ուսանողութեան եւ յատուկ ձեռնարկութիւններու կողմէ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ ուսումնասիրել եւ պատրաստել` արտադրել հայաստանեան եւ արցախեան պայմաններուն յարմարող, համակարգիչով եւ բջիջային ծրագիրներով, գիտելիքներով, երկրագործական ցուցմունքներով եւ գործիքներով համալրուած բեռնարկղներ, կարելի դարձնելով նոյնիսկ գիւղատնտեսութենէ գաղափար չունեցող անհատներուն` դառնալու հողին կառչած մշակներ:

Անյապաղ պէտք է հիմնել երկրագործական եւ ագարակային` «Թումօ»-ի նման կեդրոններ Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին, նաեւ` երկրագործութիւնը մտցնել կրթական ծրագիրին մէջ:

2 Սեպտեմբեր 2017

———-

(1) ( http://www.gov.am/am/news/item/13120/ )
(2) ( http://www.armstat.am/file/doc/99501108.pdf )
(3) ( https://en.wikipedia.org/wiki/Agriculture_in_Armenia )
(4) ( http://www.aztagdaily.com/archives/273766 )
(5) ( ftp://ftp.fao.org/agl/aglw/docs/wr23e.pdf )
(6) ( https://www.anau.am/hy/faculties )
(7) ( http://www.farmfromabox.com/ )
(8) ( https://www.curbed.com/2017/1/3/14146788/farm-from-a-box-shipping-container-kit )
(9) ( https://www.youtube.com/watch?v=-GzecorjGBk ) Տեսանիւթ

 

Խաչվերացը Ղարաբաղի (Նուէր` Ղարաբաղի Հերոսներուն)

$
0
0

ԹԱԴԷՈՍ ԵՍԱՅԵԱՆ

Խաչ-Մասունքը ազատագրող` Խաչվերացի օրն է այսօր
Սասնայ Ծոռեր Ղարաբաղի հող-մասունքը տուն կը տանին
Ու Շուշիի ծառերն ամէն կարծես մեն մի սպարապետ
Կ՛աղաղակեն հովի ձայնով «Ղարաբաղը մերն է յաւետ»:

Արձագանգներ կու գան հեռուի դարախօսիկ քար ու քարէն…
Արձագանգներ շարականի մելիքներու մատուռներէն,
Ու վերեւէն ազատն Աստուած կարծես հիմա ծիծառ դարձած`
Տուն կը կանչէ, տուն դէպի տուն` կռունկներուն հեռագնաց…

Գոյն կը տեղայ, բոյր կը տեղայ կանաչորակ մարմանդներէն,
Վարդենիներ երեք գոյնով` կարմիր, կապոյտ, ծիրանագոյն,
Կը ծածանին դրօշի պէս ու շուշաններ բաժակ-բաժակ
Ցօղ կը խմեն կենաց արտէն կենաց սարին հայապատկան…

Երգ է, շուրջպար` սարի լանջին: Եղէգնուտներ հեղ մը սրինգ,
Հեղ մը շեփոր հովի շուրթին` կը ձայնակցին յաղթարշաւին,
Ու Չարենցի հեզաճկուն աղջիկներու «Տուն դարձ» պարին
Կը ղօղանջէ, կը թրթռայ Ղարաբաղի երգը ցնծուն`
Մերն է սարը, մերն է արտը խամսայի հայ մելիքներուն»:

tatiosyessayan@hotmail.com

 

 

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»-ի. Խաղաղութեան Հեռանկարը Կը Մնայ Մութ (Արցախի Հանրապետութեան 26-րդ Տարեդարձին Առիթով)

$
0
0

Ժ. Չ.

26 տարի անց Արցախի անկախութեան ձեռքբերումը դեռ կը մնայ արիւնալի, իսկ միջազգային ճանաչումը` հորիզոնին վրայ անտեսանելի: Սակայն Արցախի ժողովուրդին համար յստակ է, որ անկախութեան հռչակումէն ետք ազրպէյճանական գերիշխանութեան վերադարձը այլեւս անկարելի է, որքան ալ Ազրպէյճան պնդէ, որ զէնքով պիտի վերագրաւէ ղարաբաղեան բարձրաւանդակը, որքան ալ միջազգային հաւաքականութիւնը խաղաղութեան գործընթացի ծիրին մէջ անոր համար նախատեսէ միջանկեալ կարգավիճակ մը:

Քաղաքական եւ ռազմական գործողութիւնները ցոյց կու տան, որ կողմերը բնաւ տրամադիր չեն զիջումներ կատարելու: Հայաստան մէկ կողմէ կը յայտարարէ, որ պատրաստ է «ազատագրեալ» եօթը տարածքները յանձնելու, սակայն միւս կողմէ կը շարունակէ ներդրումներ կատարել Արցախի եւ յարակից տարածքներուն մէջ` սփիւռքահայութիւնն ալ մասնակից դարձնելով իր այս նախաձեռնութեան, ինչ որ հողատարածք յանձնելու բոլորովին հակառակ ռազմավարութեան հետապնդում է: Վարչապետ Կարէն Կարապետեան իր պապենական գիւղին մէջ անցուցած ամրան արձակուրդի ընթացքին յայտարարեց, որ իր ընտանիքը 200 հեկտար նուռի այգիի մշակման ներդրում պիտի կատարէ Արցախի «ազատագրեալ» շրջանի մը մէջ: «Հայաստան» հիմնադրամը Հայաստանը Արցախին կապող Վարդենիս-Մարտակերտ երկրորդ մայրուղիին կառուցումը աւարտին հասաւ:

Նոյն տրամաբանութիւնը ի զօրու է Իլհամ Ալիեւի մօտ, որ կը սպառազինուի գերարդիական զէնքերով, անդադար յարձակումներ կը գործէ հասկցնելու համար, որ պատրաստ չէ իր հողային ամբողջականութիւնը զիջելու հայկական կողմին: Սակայն ան ալ միջազգային հասարակութեան եւ յատկապէս Մինսքի խումբին կը յայտարարէ իր պատրաստակամութիւնը` Արցախի հարցը բանակցութեամբ կարգաւորելու:

Այսպէս, իւրաքանչիւր օր ճակատին վրայ` հրացանաձգութիւն, տարբեր տրամաչափի արկերով ռմբակոծում, մեռեալներ, վիրաւորներ… Այս պայմաններու մէջ Հայաստան եւ Արցախ կը դիմադրեն, իսկ Ազրպէյճան կը յարձակի: Ըլլա՛յ Հայաստանի, ըլլա՛յ Ազրպէյճանի ռազմավարութիւնը կը մնայ նոյնը` ձգձգել խաղաղութեան դաշինքի կնքումը` այն յոյսով, որ դիմացինը կը դառնայ ուժասպառ ու կը յանձնուի, կամ ժողովրդային յեղաշրջումի կ՛ենթարկուի: Այսպէս, Ազրպէյճան կը սպասէ, որ Հայաստան տնտեսապէս շնչահեղձ ըլլայ, արտագաղթի հոսքը զօրանայ եւ արդիական սպառազինումով զայն զինուորական պարտութեան մատնէ: Իսկ Հայաստան կը սպասէ Ազրպէյճանի քարիւղային եկամուտներու նուազումին եւ կը յուսայ վարչակարգին փլուզումը ժողովրդային յեղափոխութեամբ կամ պալատական յեղաշրջումով:

Եւ այս խուլ պատերազմին բուն շահողները կը մնան զէնք մատակարարող երկիրները:

 

Յուշատետր. Մեզմէ Վերջ, Մեզմէ Առաջ (Ա.)

$
0
0

Ռ. Հ.

Նշանաւոր խօսք է:
«Ինձմէ վերջ` ջրհեղեղ»:

Այս խօսքը միայն մեզի չի պատկանիր: Բոլոր ժողովուրդներուն կը պատկանի: Որքա՜ն յաճախակի կերպով լսած եմ նաեւ այս նախադասութեան թրքերէնը, մանաւանդ` ֆրանսերէնը: Ինձմէ վերջ` ջրհեղեղ: Հոգս չէ: Կը բաւէ, որ հիմա չըլլայ, իմ օրերուս` չըլլայ: Ինձմէ վերջ ի՛նչ կ՛ուզէ, թող ըլլայ:

Իբր թէ շատ իմաստուն խօսք մըն է այս, որ սակայն հարիւր տոկոս եսասիրութիւն կ՛արտայայտէ, նաեւ կ՛անդրադառնայ հարցի մը, որ մեզ խորապէս պէտք է տառապեցնէ:

Եսասիրութիւն: Հարիւր տոկոս: Աղէտը աղէտ չէ, եթէ ես պիտի չտեսնեմ, եթէ ինծի վնաս պիտի  չպատճառէ: Այսպէս կը մտածէ մարդ: Եւ իրաւացի է: Ի՛նչ եսասիրութիւն: Մարդը ի՞նչ յանցանք ունի, երբ այսպէս կը մտածէ: «Ինձմէ վերջ` ջրհեղեղ» ըսելը չի նշանակեր մաղթել` որ իրմէ վերջ ջրհեղեղ պատահի, չի նշանակեր անէծք տեղացնել գալիք սերունդներուն վրայ: Ասիկա պարզապէս կը նշանակէ մաղթել, որ իր ապրած օրերուն ջրհեղեղ մը չպատահի, կամ տարբեր տեսակէ աղէտ մը չպատահի:

Աղէտալի կացութիւններ կան, որոնց  մասին երբ ահազանգ կը հնչեցնեն, կամ` որոնց մասին երբ  կը խօսին սեւ կանխատեսութիւններով, կ՛ըսենք անպայման.

– Ես չտեսնեմ:

Իսկապէս: Չտեսնե՛նք այդպիսի սեւ օրեր: Երբ «ես չտեսնեմ» կ՛ըսեմ, կ՛ուզեմ այդ «ես»-ին մէջ տեսնել նաեւ իմ բոլոր սիրելիներս, իմ բոլոր բարեկամներս, նոյնիսկ` ինծի անծանօթ դրացիներ, կամ համայն մարդկութիւնը: Անոնք ալ չտեսնեն, անոնք ալ չապրին այդ աղէտը: Եթէ օր մը աղէտ մը պիտի պատահի, ատիկա թող պատահի ուրիշ ատեն մը, ինծի անծանօթ մարդոց համար, թէեւ ես այդ անծանօթ մարդոց համար ալ չարիք չեմ ցանկար: Բայց այդ «ուրիշ ատեն»-ը զիս չի խոցեր, սիրտս չի ցաւցներ: Կարծես` այդ «ուրիշ ատեն»-ը իրականութեան մէջ գոյութիւն չունեցող ատեն մըն է: Կրնանք անոր մասին խօսիլ առանց ձեռնոցի, առանց աջը-ձախը մտածելու:

Բայց ամէն անգամ որ ես կը լսեմ սա թախծոտ «Ինձմէ վերջ` ջրհեղեղ» նախադասութիւնը, միտքս կը բաժնուի երկու մասերու: Առաջին մասը կը մտածէ «ինձմէ առաջ»-ին մասին, երկրորդը կը մտածէ «ինձմէ վերջ»-ին մասին:

Եկէք` յոգնակիի վերածենք սա երկու մտածողութիւնները:

Մեզմէ առաջ:
Մեզմէ վերջ:

Աստուա՛ծ իմ, եթէ կեանքի խորհուրդներուն կը նայինք, երբեմն, երբեմն եթէ այդ խորհուրդներուն նայելով` կը թաղուինք վերլուծական կամ փիլիսոփայական մտածումներու մէջ, այն ատեն որքան յաճախակի մտածումներու մէջ, այն ատեն որքան յաճախակի կերպով պէտք է գործածենք սա` «մեզմէ վերջ» ասութիւնը: Մեզմէ վերջ կեանքը պիտի շարունակուի: Մեզմէ վերջ մարդիկ պիտի ապրին: Մեզմէ վերջ նորանոր սերունդներ նոր կեանքի պիտի սկսին, մեզմէ վերջ Մայր Բնութիւնը դարձեալ  պիտի հմայէ մարդիկը, մարդիկ պիտի նային ծառերուն, ամպերուն, ծովուն, ծաղիկներուն ու պիտի ըսեն, թէ ապրիլը որքա՛ն լաւ բան է: «Մեզմէ վերջ»-ը շատ տխուր բան մը ունի իր մէջ, բայց վարժուած ենք այդ տխրութեան: Որքան ալ մեր սիրտը ցաւի այն մտածումով, թէ մեզմէ վերջ ալ կեանքը պիտի շարունակուի ու մենք պիտի չտեսնենք, ասիկա տանելի տառապանք մըն է: Ապագայէ զրկուելու այս զգայնութիւնը արդէն այն մեծագոյն ողբերգութիւնն է, որ առաջին վայրկեանէն խմորուած է մեր գոյութեան հետ: Մեր գոյութեան շաղախը կը կազմէ այդ ողբերգութիւնը, ապագայի մասին մեր բոլոր մտածումներուն սեւ պղպեղն է ան` այրող, խայթող, սիրտ ծակող:

Բայց «Մեզմէ վերջ»-ը ունի, կամ պէտք է ունենայ եղբայր մըն ալ, որուն մասին շատ չենք մտածեր: «Մեզմէ առաջ»-ն է այդ: Եթէ կայ «Մեզմէ վերջ» մը, կը մոռնանք, որ կայ  նաեւ «Մեզմէ առաջ» մը: Մեզմէ առաջ ալ կեանքը գոյութիւն ունեցած է, անհաշիւ ժամանակէ ի վեր անհաշիւ մարդիկ ապրած են մեզմէ առաջ ալ, մեզմէ առաջ ալ մարդիկ` ով գիտէ, որքան յաճախ ըսած են. «Մեզմէ վերջ` ջրհեղեղ»: Իրենց այդ «Մեզմէ վերջ»-ը մենք էինք:

Աստուա՛ծ իմ, դուք կը հաւատա՞ք, որ մեզմէ առաջ այսպիսի կեանք մը գոյութիւն ունեցած է, այս երկրագունդին վրայ: Դուք կը հաւատա՞ք: Ես ո՛ւր որ է, պիտի չհաւատամ: Ի՞նչ: Այս երկրագունդը գոյութիւն ունէր միլիոնաւոր տարիներէ ի վե՞ր: Ի՞նչ: Հազար տարի առաջ մարդի՞կ կ՛ապրէին երկրագունդին վրայ: Դուք կը հաւատա՞ք, որ իրաւ են այն առարկաները, որոնք թանգարաններու մէջ կը ցուցադրուին` որպէս մեզմէ առաջուան կեանքի վկայութիւններ: Դուք կը հաւատա՞ք այն պատկերներուն, որոնք տպուած են պատմութեան գիրքերու մէջ, կամ կը հաւատա՞ք անցեալի քաղաքական ու ընկերային հեքիաթներուն, որոնց մասին դպրոցը մեզի  կը խօսէր մեր պատմութեան ուսուցիչը: Մեզ չէի՞ն խաբեր, մեզմէ առաջ ինչպէ՞ս կրնար գոյութիւն ունեցած ըլլալ կեանքը, եթէ մենք չկայինք: Այո՛, ես կարծես պիտի չհաւատամ, որ մեզմէ առաջ կեանք կար: Կեանքը մեզմով չէ՞ սկսած:

Է՛հ,  բոլորս ալ  ծննդեան թուական մը ունինք: Մեր կեանքը սկսաւ այդ թուականին: Անկէ առաջը գոյութիւն ունէ՞ր:

rh@normarmara.com

 

11 Սեպտեմբեր 2001-ին Սանձակոտոր Մոլեգնեցաւ Միջազգային Ահաբեկչութեան Եւ Հակաահաբեկչութեան Խելայեղ Ոլորապտոյտը

$
0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Դարձեալ 11 սեպտեմբեր է, եւ ողջ մարդկութեան հետ հայութիւնը եւս զարհուրանքով կը յիշէ 16 տարի առաջ Նիւ Եորքի մէջ գործուած մոլեգին ահաբեկչութեան ահաւոր ողբերգութիւնը:

2001 թուականի սեպտեմբեր 11-ի այս օրը աննախընթաց բնոյթի յարձակում մը գործուեցաւ Նիւ Եորքի Համաշխարհային առեւտուրի կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին երկնաքեր զոյգ աշտարակներուն դէմ:

Ոչ միայն անմոռանալիօրէն ցնցիչ եղան ահաբեկչական գործողութեան ահաւորութիւնը, վայրկեանը վայրկեանին արարաշխարհին փոխանցուող լուսանկարներն ու տեսաժապաւէնները, այլեւ` անոնց պատեհ թէ անպատեհ առիթներով շարունակական յիշեցումները, փաստօրէն, մնայուն մղձաւանջը դարձան ողջ մարդկութեան` երկրագունդի բոլոր ծագերուն:

Ժամանակակից մարդկութեան յիշողութեան պաստառին աջնջելիօրէն քանդակուած կը մնան պատկերները`

– Դրամատիրական աշխարհի ելեւմտական հզօրութիւնը խորհրդանշող զոյգ աշտարակներուն մէջ բառացիօրէն մխրճուող օդանաւերուն,

–  Երկնակամարը քերող շէնքերու բարձունքին բռնկած հրդեհներուն եւ ամբողջ հորիզոնին վրայ տարածուած ծխածածկոյթին,

– Խաւաքարտէ տուփերու պէս փլուզուող շէնքերուն եւ օգնութեան փութացող հրշէջներուն եւ փողոցի խուճապահար մարդոց շրթներուն եւ դէմքերուն յայտնուած զարհուրանքի արտայայտութիւններուն…

Նոյնպէս` սեպտեմբեր 11-ի ահաբեկչութեան խլած հազարաւոր զոհերուն եւ գործած քանդումին ու հասցուցած նիւթական մեծ կորուստին վերաբերեալ տեղեկութիւնները, իրենց կարգին` ցնցիչ, անջնջելիօրէն դրոշմուած կը մնան մարդոց յիշողութեան մէջ:

Բայց 11 սեպտեմբեր 2001-էն 16 տարի ետք, երբ կը վերյիշենք այդ բոլորը, արդէն միայն 11 սեպտեմբերի ողբերգութեամբ չեն սահմանափակուիր մեր մտածումներն ու ապրումները:

11 սեպտեմբերի խլած զոհերուն ու պատճառած կորուստներուն համար ցաւելու եւ կատարուած յանցագործութիւնը դատապարտելու համընդհանուր տրամադրութեան վրայ գումարուելու կու գայ ահաւորութիւնը այն հակահարուածին, որ օրին Մ. Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշի վարչակազմին շղթայազերծած հակաահաբեկչական արշաւով հասցուեցաւ թէ՛ նոյնինքն ամերիկացիներուն, թէ՛ ամբողջ աշխարհին:

Իբրեւ այդպիսին, սեպտեմբեր 11-ը պատշաճ պահն է ընդգծելու եւ դատապարտելու միջազգային ահաբեկչութեան եւ հակաահաբեկչութեան շարունակուող ալիքին եւ անոր մոլեգին ծայրայեղութիւններուն մասին:

Այսօր պահն է, մանաւա՛նդ, ոգեկոչելու զոհերն ու կորուստները ոչ միայն 2001-ի նիւեորքեան ողբերգութեան, այլեւ այնուհետեւ, մինչեւ մեր այս օրերը, ամէն քայլափոխի կրկնուած նորօրինակ ահաբեկչութեանց, որոնց պատճառած ցաւն ու զարհուրանքը անդարմանելիօրէն խոր են եւ ցնցիչ:

Բայց նաեւ 11 սեպտեմբեր 2001-ի ողբերգութենէն, ներկային եւ ապագային հաշուոյն, անհրաժեշտ դասերը քաղելու պահն է այսօր, որպէսզի 21-րդ դարու երկրորդ տասնամեակն ալ երեք տարիէն աւարտող ողջ մարդկութիւնը կարենայ քաղաքակիրթ միջոցներով լուծել իր կեանքն ու համերաշխ զարգացումը խանգարող բոլոր դժուարութիւններն ու հակադրութիւնները, ըլլան անոնք հասարակական, կրօնական, ազգային թէ աշխահաքաղաքական:

Այդ առումով, ոսկի առիթ մը կորսնցուց ողջ մարդկութիւնը, երբ 11 սեպտեմբեր 2001-ի յանցագործութիւնը միահամուռ դատապարտանքի արժանացնելէ ետք չկրցաւ իր միասնականութիւնը տարածել չարիքը դիմագրաւելու ճակատին վրայ եւս:

Ահաբեկչութեան հակաահաբեկչութեամբ պատասխանելու ամերիկեան կամակորութիւնը փաստօրէն լուսանցքային դերակատարութեան մղեց չարիքը իր արմատէն դիմագրաւելու եւ բուժելու միջազգային ողջմտութիւնը:

Մ. Նահանգներու վարչակազմը աշխարհը ուզեց բաժնել ահաբեկիչներու եւ հակաահաբեկիչներու ու, փաստօրէն, պարտադրեց իր կամքը անխտիր բոլորին` պայթունավտանգ պատերազմի հրդեհներ վառելով աշխարհի տարածքին քիչ մը ամէն տեղ:

Մոլեռանդ եւ անհակակշռելի ահաբեկչութեան Չարիքը արմատախիլ ընելու ողջմիտ ճամբան չ’անցնիր ամէնուր թշնամիներ փնտռելու ծայրայեղականութենէն: Ամէն կարգի` կրօնամոլական թէ գաղափարամոլական, ազգայնամոլական թէ ցեղապաշտական արմատականութեան չարիքին դէմ պայքարը, յատկապէս 21-րդ դարուն, կը պահանջէ ամէն կարգի անհաւասարութիւններն ու անարդարութիւնները, քաղաքակրթական հ-մընդհանուր գործակցութեամբ, մերձեցման առաջնորդելու եւ հարթելու ողջմտութիւնը` բառին ամէնէն ընդգրկուն եւ մարդկայնակա՛ն իմաստով:

Բայց 11 սեպտեմբեր 2001-էն ետք պատահեցաւ ճիշդ հակառակը. միջազգային «օրինականութիւն» ստացաւ արմատականութեան եւ ծայրայեղականութեան միջեւ անհաշտ պատերազմի շղթայազերծումը, որ փաստօրէն պատճառ դարձաւ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը աւելի ու աւելի հեռացնելու երկրագունդը իբրեւ իր ընդհանուր տունը ընկալելու եւ բարեկարգելու փրկարար ուղիէն: Այդպէ՛ս, 11 սեպտեմբեր 2001-ին սկսաւ, բայց դեռ վերջ չէ գտած միջազգային մոլեռանդ ահաբեկչութեան եւ հակաահաբեկչութեան խելայեղ ոլորապտոյտը, որուն մէջ այսօր կը գալարուի ողջ մարդկութիւնը:

Այսօրուան երկրագունդը, յատկապէս` Մերձաւոր Արեւելքն ու արաբական աշխարհը, ամէնօրեայ յաճախանքը կ՛ապրին մոլեռանդ ահաբեկչութեան արիւնալի, այլեւ կատաղած ուրուականին:

Քաղաքակիրթ աշխարհի ինքնակոչ «ոստիկան»-ը դարձած Սպիտակ տունը, անկախաբար Մ. Նահանգներու պետական ղեկը ստանձնած քաղաքական ուժի բնոյթէն, մինչեւ մեր օրերը կը շարունակէ ըստ կամս հրդեհներ վառել աշխարհի չորս ծագերուն, յատկապէս` Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր կեդրոնացած է ինչպէս մահմետական աշխարհի արմատական ու ծայրայեղական ուժերուն ծանրութեան կեդրոնը, այնպէս ալ` համաշխարհային տնտեսութեան քարիւղի պաշարներուն առիւծի բաժինը…

11 սեպտեմբեր 2001-էն սկսեալ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը կ’ապրի խորագոյն եւ ահաւոր անձկութիւնը նոր աշխարհամարտի մը անխուսափելիութեան:

Ահաւորը այն է, որ նոյնինքն ամերիկեան քաղաքականութիւնը կը փութայ զէնք ու նիւթական կռուաններ տրամադրելու կրօնամոլ արմատականութեան դիրքերէ` իբր թէ «գարուն»-ներ խոստացող ահաբեկչական խմբաւորումներու: Արդէն անարդարանալիօրէն սերտաճման մէջ են մէկ կողմէ մոլեռանդ գաղափարախօսութեամբ հոս ու հոն սունկի պէս բուսնող ահաբեկչութեան բոյները, իսկ միւս կողմէ պետական ահաբեկչութեան վտանգը նորանոր ծայրայեղութեանց առաջնորդող երկիրներն ու կառավարութիւնները:

Ահաւոր հակասութիւն մըն է նաեւ այն իրողութիւնը, որ հակաահաբեկչական միջազգային գրոհի յառաջապահ դիրքերուն յայտնուած են Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի օրինակով պետութիւններ, որոնց հետեւողականօրէն գործած ցեղասպանական ոճիրներն ու ազգային հողի վրայ «մաքրազտման» յանցագործութիւնները դեռ չեն արժանացած համապատասխան գնահատականի, չեն ստացած միջազգային անհրաժեշտ պատասխանն ու իրաւական արդար պատիժը:

11 սեպտեմբեր 2001-ի ողբերգութեան տարելիցը ողջ մարդկութեան հետ ոգեկոչելով` պահանջատէր հայութիւնը նաեւ այսօրուան եւ վաղուան հաշուոյն կ’ապրի մղձաւանջը այս աստիճան դառն ու տխուր յիշողութիւններու եւ դաժան ու զարհուրելի ապրումներու:

Ի վերջոյ, մոլեռանդ ահաբեկչութեան կիզակէտին ու անհակակշռելի բոցերուն մէջ յայտնուած են Հայաստան Աշխարհն պարփակող Փոքր Ասիան, այլեւ ու մանաւանդ` հայկական սփիւռքի բաբախուն սիրտը նկատուող Մերձաւոր Արեւելքի հայօճախներուն վերջին բեկորները:

 

 

13 ­Սեպ­տեմ­բեր 1922. ­Քե­մա­լա­կան զօր­քի հրահ­րու­մով՝ թուր­քե­րը հրկի­զե­ցին եւ կոր­ծա­նե­ցին չքնաղ Զ­միւռ­նիան

$
0
0

Սեպ­տեմ­բեր 13ի այս օ­րը, 95 տա­րի ա­ռաջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու բար­բա­րո­սա­կան մե­ծա­գոյն ո­ճիր­նե­րէն մէ­կը։
Հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող յու­նա­կան Զ­միւռ­նիա չքնաղ քա­ղա­քը հրկի­զո­ւե­ցաւ եւ հիմ­նա­յա­տակ կոր­ծա­նե­ցաւ քե­մա­լա­կան զօր­քի հրահ­րու­մով մո­լեգ­նած թուր­քե­րու ձե­ռամբ։
Պատ­մու­թիւ­նը փաս­տագ­րած է, որ 1922ի ­Սեպ­տեմ­բեր 9ին, ­Դաշ­նա­կից­նե­րու նա­ւա­տոր­մին ան­տար­բեր եւ ձեռ­նա­ծալ հա­յեաց­քին տակ, քե­մա­լա­կան զօր­քը` Նու­րէտ­տին փա­շա­յի մը հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ, յաղ­թա­կան մուտք գոր­ծեց ե­րեք քա­ռոր­դով յու­նաբ­նակ եւ հա­յաբ­նակ Զ­միւռ­նիա քա­ղա­քը։

Ե­րեք օր շա­րու­նակ թուրք զի­նո­ւոր­նե­րը ա­հա­ւոր վայ­րա­գու­թեանց` կո­տո­րա­ծի, կո­ղո­պու­տի ու բռնա­բար­ման են­թար­կե­ցին Ե­գէա­կա­նի ա­փին հա­զա­րա­մեակ­նե­րով ապ­րած ու բար­գա­ւա­ճած այս գե­ղե­ցիկ, ար­գա­սա­բեր ու վա­ճա­ռա­կա­նա­կան մեծ կեդ­րոն քա­ղա­քը։

Բայց յատ­կա­պէս Զ­միւռ­նիա­յի հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սե­րէն 13 ­Սեպ­տեմ­բե­րին սկսած եւ ա­րա­գօ­րէն ամ­բողջ յու­նաբ­նակ քա­ղաքն ու ա­րո­ւար­ձան­նե­րը տա­րա­ծուած ան­զուսպ հրդե­հը աշ­խար­հի քար­տէ­սէն ջնջեց, գրե­թէ ամ­բող­ջու­թեամբ, յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան` քրիս­տո­նէա­կա՛ն շեշ­տա­կի դրոշ­մը Զ­միւռ­նիա­յի։

Քա­ղա­քի յոյն թէ հայ բնա­կիչ­նե­րէն բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք չէին կրցած մին­չեւ 8 Սեպ­տեմ­բեր, յու­նա­կան նա­հան­ջող զօր­քին հետ, հե­ռա­նալ ի­րենց ծննդա­վայր քա­ղա­քէն, նոյ­նիսկ ե­թէ յա­ջո­ղե­ցան խու­սա­փիլ թրքա­կան զօր­քի կո­տո­րած­նե­րէն, ի վեր­ջոյ զոհ գա­ցին Զ­միւռ­նիա­յի մեծ հրդե­հին` «բախ­տա­ւոր» պա­րա­գա­յին ծո­վը նե­տո­ւե­լով…

Այդ­պէ՛ս կոր­ծա­նե­ցաւ հել­լէ­նա­կան եւ հռո­մէա­կան դա­րե­րէն` Ք­րիս­տո­սի ծնուն­դէն հա­զա­րա­մեակ մը ա­ռաջ կա­ռու­ցո­ւած ու մին­չեւ 1920ա­կան­նե­րը հո­յա­կերտ քա­ղա­քակր­թու­թիւն մը իր ա­նու­նին կա­պած Զ­միւռ­նիան, որ հան­դի­սա­ցաւ յատ­կա­պէս յոյն ժո­ղո­վուր­դին, բայց նաեւ 11րդ ­դա­րէն սկսեալ հոն հաս­տա­տո­ւած հա­յու­թեան ստեղ­ծա­գործ տա­ղան­դին եւ քա­ղա­քակր­թա­կան շնորհ­նե­րուն խօ­սուն վկա­յու­թիւնն ու փառ­քի դափ­նեպ­սա­կը։

Այ­դօ­րի­նակ բար­բա­րո­սու­թեան վրայ հիմ­նո­ւե­ցաւ Ա­թա­թուրք հռչա­կո­ւած ­Մուս­թա­ֆա Քե­մա­լի ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, որ կոր­ծա­նո­ւած Զ­միւռ­նիա­յի փո­խա­րէն 1928ին ձեռ­նար­կեց Իզ­միր քա­ղա­քի կա­ռուց­ման, որ տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին դար­ձաւ ա­ւե­լի քան 2,5 մի­լիոն թուրք բնակ­չու­թեամբ ա­ռեւտ­րա­կան մեծ նա­ւա­հան­գիստ` մի­ջազ­գա­յին տօ­նա­վա­ճառ­նե­րու կեդ­րոն հան­դի­սա­նա­լով։

Շատ գրո­ւած է թէ՛ 1919էն 1922 մղո­ւած յոյն-թրքա­կան պա­տե­րազ­մին, թէ՛ նոյ­նինքն Զ­միւռ­նիա­յի Ա­ղէ­տին մա­սին։ Այ­սօր եւս լոյս կը տես­նեն զա­նա­զան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կամ գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ, ինչ­պէս եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան գոր­ծեր կը հրա­պա­րա­կո­ւին` ամ­բող­ջա­պէս լու­սա­բա­նե­լու եւ ար­ժե­ւո­րե­լու հա­մար թէ՛ Զ­միւռ­նիա­յի Ա­ղէ­տը, թէ՛ Զ­միւռ­նիա­յի ա­նու­նը յա­ւեր­ժաց­նող քա­ղա­քակր­թա­կան վաս­տա­կը։

Յատ­կա­պէս յոյն ժո­ղո­վուր­դը, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, ա­մէն ­Սեպ­տեմ­բե­րի այս օ­րե­րուն, ոչ միայն կ­’ո­գե­կո­չէ յի­շա­տա­կը բազ­մա­հա­զար իր նա­հա­տակ­նե­րուն, այ­լեւ` կը սգայ կոր­ծա­նումն ու կո­րուս­տը յոյն ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ իր ան­փո­խա­րի­նե­լի տեղն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը ու­նե­ցող Զ­միւռ­նիա­յին։

Նաեւ իր այժ­մէա­կան դա­սե­րով` 1922ի Զ­միւռ­նիա­յի Ա­ղէ­տը իր վրայ կը կեդ­րո­նաց­նէ ու­շադ­րու­թիւ­նը ոչ միայն յոյն ժո­ղո­վուր­դին, այ­լեւ թրքա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան զոհ գա­ցած բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, ո­րո­շա­պէս ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թեան, ո­րով­հե­տեւ 94 տա­րի ա­ռաջ պա­տա­հած Զ­միւռ­նիա­յի մեծ ող­բեր­գու­թեան նկատ­մամբ եւս ­Թուր­քիա օ­րին որ­դեգ­րեց եւ ցարդ կը շա­րու­նա­կէ կառ­չած մնալ պե­տա­կան ու պաշ­տօ­նա­կան ու­րա­ցու­մի եւ չքմե­ղան­քի ա­նըն­դու­նե­լի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։

Ա­ւե­լի՛ն. Զ­միւռ­նիա­յի Ա­ղէ­տը ու­սա­նե­լի շատ ծանր դա­սեր կը փո­խան­ցէ մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հի ղե­կա­վար ու­ժե­րուն նեղ-շա­հա­մո­լա­կան վար­քա­գի­ծին` ­Թուր­քիան սի­րա­շա­հե­լու նպա­տա­կով ա­նոնց ներ­քին մրցա­պայ­քա­րին մա­սին։ Ե­րիցս դա­տա­պար­տե­լի շա­հախնդ­րա­կան եւ պա­տե­հա­պաշտ մրցա­պայ­քար մը, որ­մէ ա­ռա­ւե­լա­գոյնս օգ­տո­ւե­ցաւ ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մալ 1922ին, Զ­միւռ­նիան գրա­ւե­լու եւ այդ­պէ՛ս կոր­ծա­նե­լու ժա­մա­նակ, ինչ­պէս որ օգ­տո­ւած էր նա­խա­պէս ալ, 1920ի աշ­նան, ար­շա­ւե­լով Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վրայ եւ, ա­նոր խոր­տակ­ման ու խորհրդայ­նաց­ման զու­գա­հեռ, բռնագ­րա­ւե­լով հա­յա­պատ­կան ­Կարսն ու Ար­տա­հա­նը, ­Վանն ու ­Կա­րի­նը` ամ­բողջ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի վրայ թրքա­կան տի­րա­պե­տու­թիւն հաս­տա­տե­լով։
Մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու ­Պի­ղա­տո­սեան վար­քա­գի­ծը միշտ ալ բա­ւա­րար ե­րաշ­խիք նկա­տո­ւած ու հիմք ծա­ռա­յած է թրքա­կան պե­տու­թեան վա­րիչ­նե­րուն հա­մար, ­Քե­մա­լի ժա­մա­նակ­նե­րէն մին­չեւ Էր­տօ­ղա­նի այս օ­րե­րը, որ­պէս­զի ա­նոնք ար­հա­մար­հեն պատ­մու­թիւնն ու թրքա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան զո­հե­րուն ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թիւ­նը` ան­պա­տիժ մնա­ցած ի­րենց յան­ցա­գոր­ծու­թեան վրայ գու­մա­րե­լով Ու­րաց­ման, այ­լեւ Պատ­մա­կան ­Նեն­գա­փոխ­ման ո­ճիր­նե­րը։

Զ­միւռ­նիա­յի Ա­ղէ­տէն 95 տա­րի ետք ալ թրքա­կան պաշ­տօ­նա­կան քա­րոզ­չու­թիւ­նը յան­կեր­գի պէս կը կրկնէ, թէ իբր`

1) ­Յոյ­նե­րը ի­րե՛նք հրահ­րե­ցին ազ­գա­մի­ջեան ա­տե­լու­թիւնն ու թշնա­ման­քը, երբ 1919ի Մա­յի­սին «գրա­ւե­ցին» Զ­միւռ­նիան` օգ­տո­ւե­լով Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան կրած խայ­տա­ռակ պար­տու­թե­նէն։
2) Զ­միւռ­նիա մտած յոյն զի­նո­ւոր­նե­րը ուղ­ղա­կի կո­տո­րա­ծի են­թար­կե­ցին քա­ղա­քի թուրք փոք­րա­մաս­նու­թիւ­նը։
3) Զ­միւռ­նիան հրդե­հի տո­ւող­ներն ալ ե­ղան ի­րենք` յոյն զի­նո­ւոր­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց նա­հան­ջին եւ Զ­միւռ­նիան պար­պե­լու ժա­մա­նակ ու­զե­ցին քա­րու­քանդ քա­ղաք մը… կոր­ծա­նած «ա­ւար» ձգել յաղ­թա­կան թուրք բա­նա­կին։

Ան­շուշտ ան­պա­տաս­խան մնա­ցած չեն սու­տի ու կեղ­ծի­քի ճամ­բով պատ­մու­թիւ­նը նեն­գա­փո­խե­լու եւ սե­փա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը ու­րա­նա­լու ­Թուր­քիոյ Ու­րաց­ման պե­տա­կան այդ ոճ­րա­յին վար­քա­գիծն ու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։

Յոյն, անգ­լիա­ցի, ա­մե­րի­կա­ցի, ֆրան­սա­ցի եւ հայ պատ­մա­բան­նե­րու սպա­ռիչ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րով եւ փա­ստագ­րա­կան հա­ւա­քա­ծո­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րու մէջ պա­հո­ւած զե­կու­ցա­գիր­նե­րու եւ նա­մա­կագ­րու­թեանց ճամ­բով թրքա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը, իր ամ­բող­ջա­կան ա­հա­ւո­րու­թեամբ, մեր­կա­ցո­ւած է ա­մէն կար­գի ու­րաց­ման եւ խե­ղա­թիւր­ման ծած­կոյթ­նե­րէն։

Ա­րար-աշ­խարհ այ­սօր գի­տէ, որ՝

1) ­Դաշ­նա­կից­նե­րը ի­րե՛նք ­Յու­նաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան յանձ­նե­ցին յու­նա­կան Զ­միւռ­նիա­յի հո­գա­տա­րու­թիւ­նը եւ այդ­պէս էր, որ վար­չա­պետ ­Վե­նի­զե­լոս յու­նա­կան զօրք ղրկեց Զ­միւռ­նիա 1919ի ­Մա­յի­սին։
2) ­Պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րով հաս­տա­տագ­րո­ւած փաստ է, որ քե­մա­լա­կան զօր­քը, յաղ­թա­կան մուտք գոր­ծե­լով Զ­միւռ­նիա, ուղ­ղա­կի ­Նու­րէտ­տին փա­շա­յի հրա­հան­գով ձեռ­նար­կեց յոյն եւ հայ բնակ­չու­թեան սպան­դին ու քա­ղա­քի հրոյ ճա­րակ կոր­ծա­նու­մին։
3) ­Դաշ­նա­կից­նե­րը իր բախ­տին լքե­ցին Զ­միւռ­նիան եւ ա­նոր յոյն թէ քրիս­տո­նեայ ազ­գաբ­նակ­չու­թիւ­նը պաշտ­պա­նող յու­նա­կան զօր­քը, երբ ­Քե­մալ ձեռ­նար­կեց ­Լե­նի­նի Ռու­սաս­տա­նին հետ իր սի­րա­բա­նու­թեան, իսկ անգ­լիա­ցիք եւ ա­մե­րի­կա­ցիք, ֆրան­սա­ցիք ու ի­տա­լա­ցիք սկսան թրքա­կան ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան նո­րա­յայտ ա­ռաջ­նոր­դին սի­րա­շա­հե­լու մի­ջոց­ներ փնտռել, որ­պէս­զի չկորսնցնեն Ա­ռա­ջին Աշ­խա­րա­հա­մար­տին ի­րենց նո­ւա­ճած պա­տե­րազ­մա­կան ա­ւա­րը…
Այս բո­լո­րը ա­ռա­ւե­լա­գոյն ա­ռար­կա­յա­կա­նու­թեամբ եւ գի­տա­կան փաս­տագ­րու­թեամբ ներ­կա­յա­ցո­ւած են տաս­նեակ հա­տոր­նե­րու մէջ, բայց յատ­կա­պէս ա­մե­րի­կա­հայ պատ­մա­բան ­Մար­ճը­րի ­Յով­սէ­փեան-­Տոփ­քի­նի «Զ­միւռ­նիա 1922.- ­Քա­ղա­քի մը կոր­ծա­նու­մը» խո­րագ­րով կո­թո­ղա­կան գոր­ծին մէջ։
Թր­քա­կան ու­րա­ցում­նե­րը եւ խե­ղա­թիւ­րում­նե­րը ո­րե­ւէ հիմք չու­նին։
13 ­Սեպ­տեմ­բեր 1922ին ­Թուր­քիա մեծ ո­ճիր մը եւս ա­ւել­ցուց դա­րա­ւոր իր յան­ցա­գոր­ծու­թեանց տխրահռ­չակ պատ­մու­թեան ու «ժա­ռան­գու­թեան» վրայ։

Թր­քա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեէն վե­րապ­րած ժո­ղո­վուրդ­նե­րը չեն կրնար մոռ­նալ ի­րենց նա­հա­տակ­ներն ու քա­ղա­քակր­թա­կան ծան­րա­գոյն կո­րուստ­նե­րը, բայց նաեւ ի­րենց մէջ ու­ժը պէտք է գտնեն չմոռ­նա­լու պատ­մու­թեան դա­ժան դա­սե­րը, որ­պէս­զի ան­պա­տիժ մնա­ցած ցե­ղաս­պան ­Թուր­քիոյ կող­մէ որ­դեգ­րո­ւած Ու­րաց­ման շա­րու­նա­կո­ւող քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դար­ձեալ զոհ չեր­թան… ի­րենց նոր սե­րունդ­նե­րով։

Պատ­մու­թեան այդ ող­բեր­գա­կան դա­սե­րը մտա­հան չը­նե­լու հար­կին տակ է, յոյն ժո­ղո­վուր­դին հետ, նաեւ ու մա­նա­ւանդ վե­րապ­րող հա­յու­թիւ­նը։ Ինչ­պէս որ «­Հայ­կա­կան Հարց» հան­րա­գի­տա­րա­նի մէջ (հրա­տա­րա­կո­ւած 1996ին) Ա. ­Խա­ռա­տեան կը վկա­յէ՝ «Այդ ժա­մա­նակ Զ­միւռ­նիա­յում գտնո­ւող ­Թոր­գոմ ­Զօ­րա­վա­րը ընդ­հա­նուր խառ­նաշ­փո­թի մէջ ի վի­ճա­կի չե­ղաւ կազ­մա­կեր­պե­լու բնիկ հա­յե­րի ու Զ­միւռ­նիա­յում հաս­տա­տո­ւած մեծ թո­ւով հայ գաղ­թա­կան­նե­րի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը: ­Կո­տո­րա­ծից խու­սա­փե­լու հա­մար, հա­զա­րա­ւոր հա­յեր ա­պաս­տա­նե­ցին Ս.Ս­տե­փա­նոս ե­կե­ղե­ցու տա­րած­քում: ­Սեպ­տեմ­բե­րի 13ին քա­ղա­քում ծայր ա­ռաւ վիթ­խա­րի հրդեհ, ո­րը քե­մա­լա­կան­նե­րի ձեռ­քի գործն էր (թուր­քա­կան եւ խորհր­դա­յին պատ­մա­բան­նե­րը ան­հիմն պնդում էին, թէ քա­ղա­քը հրդե­հել են նա­հան­ջող յոյ­նե­րը): Հր­դե­հի հե­տե­ւան­քով ա­ւե­րո­ւե­ցին ա­ւե­լի քան 50 հա­զար տուն, 24 ե­կե­ղե­ցի, 28 դպրոց, բան­կեր (դրա­մա­տուն­ներ), հիւ­պա­տո­սա­րան­ներ, հի­ւան­դա­նոց­ներ: Ք­րիս­տո­նեա­նե­րի կո­տո­րա­ծը կա­տա­րո­ւեց ոչ միայն քա­ղա­քում, այ­լեւ՝ ծո­վա­փին, եւ­րո­պա­կան մար­տա­նաւ­նե­րի Զ­միւռ­նիա­յի անձ­նա­կազ­մե­րի աչ­քի ա­ռաջ, սա­կայն նրանք ի շահ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան՝ ո­չինչ ա­րե­ցին զո­հե­րին փրկե­լու հա­մար: «Զ­միւռ­նիա­յում գտնո­ւող ա­մե­րի­կեան գրող Է.­Հե­մին­գո­ւէ­յը մռայլ գոյ­նե­րով է նկա­րագ­րում թուրք բար­բա­րոս­նե­րի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը քրիս­տո­նեա­նե­րի նկատ­մամբ: Թուր­քե­րը կո­տո­րե­ցին նաեւ Զ­միւռ­նիա­յի շրջա­կայ տա­րածք­նե­րի յոյ­նե­րին եւ հա­յե­րին, ինչ­պէս նաեւ ջրա­սոյզ ա­րե­ցին այն նա­ւե­րը, ո­րոնց վրայ ա­պաս­տա­նել էին բազ­մա­թիւ փրկո­ւած­ներ: ­Կո­տո­րած­նե­րից փրկո­ւե­ցին սա­կա­ւա­թիւ յոյ­ներ եւ հա­յեր, ո­րոնց յու­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը նա­ւե­րով տե­ղա­փո­խեց ­Յու­նաս­տան: «Զ­միւռ­նիա­յի ա­ղէ­տը թուր­քա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մա­կեր­պած ցե­ղաս­պա­նու­թեան ակտ (քայլ) էր յոյն եւ հայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րի նկատ­մամբ»:

Պատ­մու­թեան ող­բեր­գա­կան այս դա­սե­րուն լոյ­սին տակ իր լիար­ժէք ի­մաս­տը կը գտնէ մեր օ­րե­րուն եւ­րո­պա­կան եւ ընդ­հան­րա­պէս մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան՝ խորհր­դա­րան­նե­րու եւ կա­ռա­վա­րու­թեանց կող­մէ որ­դեգ­րո­ւած օ­րի­նա­գիծ­նե­րը, ո­րոնք քրէա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն եւ պատ­ժե­լի ա­րարք կը հռչա­կեն ­Ցե­ղաս­պա­նա­կան Ա­րարք­նե­րու ու­րա­ցումն ու ժխտու­մը։

Ն.


Անկեղծ պատրաստակամութեամբ

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Արդէն լայնօրէն ծանուցուած է, որ յառաջիկայ Հայաստան-Սփիւռք Խորհրդաժողովի օրակարգին վրայ պիտի գտնուի «Համազգային Խորհուրդ» մը կեանքի կոչելու վաղուց շրջանառուող գաղափարը, որ այս կէտին վրայ նաև կը վայելէ պետական բարձրաստիճան հովանաւորութիւն ՀՀ Նախագահի ուղիղ և անձնական միջամտութեամբ։ Թէ ի վերջոյ ի՞նչ ձևաւորում կ՚ըստանայ Խորհուրդի այս նախագիծը և ի՞նչ չափով ան կը հանդիսանայ հարցերու հանգուցալուծման բևեռ մեր հաւաքական կեանքին մէջ՝ դժուար է կանխագուշակել։ Ան դեռ ճամբայ ունի կտրելիք ենթակայ ըլլալով մեր այսօրուան իրականութենէն բխող թերահաւատութեան բոլոր շերտերուն։ Մէկ բան յստակ է, որ Հայաստան-Սփիւռք Խորհրդաժողովը, իր յղացքով, չունի անհրաժեշտ լիազօրութիւնը այս կարևոր խնդրով որոշումներ կայացնելու։ Ան չունի նաև անհրաժեշտ ձեռնհասութիւնը այս բարդ հարցով զբաղուելու։ Այնուամենայնիւ պէտք է հաստատել, որ Խորհրդաժողովը կը հայթայթէ մեծապէս պիտանի հարթակ մը պետական այս նախաձեռնութիւնը հանրութեան ուշադրութեան յանձնելու և առիթ ընծայելու, որ հարցը համակողմանի քննարկման ենթարկուի Խորհրդաժողովին յաջորդող ամիսներու ընթացքին։

Իրականութիւնը այն է, որ ի վերջոյ այս հարցի քննարկման գործնական դաշտը ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ կառոյցներու ղեկավար ոլորտն է (կուսակցութիւններ, ազգային իշխանութիւններ, համասփիւռքեան ծաւալով գործող հասարակական կազմակերպութիւններ), ուր ևս գոյութիւն ունին շարք մը անհամաչափութիւններ, որոնց մասին անհրաժեշտ է, որ խօսինք մէկ այլ յօդուածով։

Այսօր կ՚ուզեմ անդրադառնալ այն իրողութեան, որ Համազգային Խորհուրդի ստեղծման գաղափարը անխուսափելիօրէն կը բախի հայրենի իշխանութիւններու ներքին քաղաքական վիճակացոյցի վաղուց գոյութիւն ունեցող բացերուն՝ հարցականներ յարուցելով, առաջին հերթին, տնտեսութենէն ներս ամրացած և ՀՀ իշխանութիւններու կողմէ հանդուրժուող մենաշնորհային համակարգի դերակատարութեան կապակցութեամբ։ Համազգային Խորհուրդի գաղափարը կ՚առաջարկուի այնպիսի ժամանակ, երբ դասակարգային հսկայ խզում մը կը պատուհասէ երկրին հաւաքական կեանքը անհնարին դարձնելով ազգային ընդհանուր համաձայնութեան մը կազմաւորումը երկրէն ներս։ Մենաշնորհային համակարգը մեծագոյն խոչընդոտն է միջին դասակարգի ձևաւորման հոլովոյթը խափանող։ Հասարակութեան այս շերտը, որակաւոր աշխատատեղերու չգոյութեան պատճառով, հետևողականօրէն կը մղուի երկրէն դուրս ամէն օր աւելի խախտելով ժողովրդագրական կշիռը հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին և Սփիւռքին միջև։ Մենաշնորհային տնտեսութեան կողմէ խթանուած այս արտագաղթը երկրի թանկագին ուժականութիւնն է, որ կը պարպէ և այդ թարմ աշխատոյժը ամէն օր կը վերածուի նոր ու անկազմակերպ ու բարոյալքուած սփիւռքի մը, որ կու գայ, իր կարգին, բարոյալքելու աւանդական Սփիւռքի հոգեբանական միջավայրը։

Կը խօսինք ազգային ճգնաժամի մը մասին, որ սերտօրէն առընչուած է մենաշնորհային համակարգի շղթայազերծած ներքին փլուզումներուն, որոնք պէտք է անյապաղ և անպայման կասեցուին ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ նոյն իշխանութիւններէն պահանջուող արմատական նախաձեռնութիւններով։ Առ այդ՝ գերազանցօրէն կարևոր է, որ ՀՀ իշխանութիւնները ներկայանան յառաջիկայ Հայաստան-Ափիւռք Խորհրդաժողովին մենաշնորհային համակարգի կազմախօսութեան մասին յստակ, առարկայական և խորքային վերլուծումներով յագեցած զեկուցագրով մը։ Խորհրդաժողովը պէտք է իրազեկուի, թէ ՀՀ իշխանութիւնները ի՞նչ գիտեն երկրի տնտեսութեան այս կործանարար ներքին վարակին մասին։ Յիշեալ զեկուցագիրը պէտք է պատասխան տայ առնուազն հետևեալ հարցադրութեանց.

(ա) Ովքե՞ր են մենաշնորհային համակարգի տէրերը երկրին մէջ։

(բ) Որո՞նք են մենաշնորհային ուժի պաշտօնական և անպաշտօն կառուցակարգերը տնտեսութենէն ներս։

(գ) Ի՞նչ է համակարգի ճիւղային տեղաբաշխումը։

(դ) Ի՞նչ է համակարգի աշխարհագրական տեղաբաշխումը։

(ե) Ո՞րն է համակարգին ազդեցութեան ծիրը մրցակցային դաշտէն ներս և դաշտը առևանգելու իր մեթոտները։

(զ) Որո՞նք են համակարգի քաղաքական լծակները երկրէն ներս և երկրէն դուրս։

(է) Տալ համակարգի վերջին 27 տարիներու ներդրումային գործունէութեան վերլուծութիւնը։

(ը) Տալ ճշգրիտ պատկերը համակարգի կողմէ ցարդ ստեղծուած աշխատատեղերու թիւին (տարիներու կտրուածքով)։

(թ) Տալ ազգային եկամուտի (National Income) վերաբաշխման ծաւալները և համակարգի համեմատական կշիռը այդ ծաւալներուն մէջ։

(ժ) Տալ համակարգի հարկային մուտքերու ծաւալները։

(ժա) Տալ մանրամասնեալ պատկերը մենաշնորհային համակարգի տէրերուն կողմէ ՀՀ առաջին տարիներուն գնուած արտադրողական միջոցներուն յստակ ընելով, թէ ի՞նչ գին վճարած են անոնք պետութեան և թէ ի՞նչ է այդ հարստութեան շուկայական փոխարժէքը այսօր։

(ժբ) Սեփականաշնորհման ի՞նչ պայմաններու մէջ կազմաւորուած է համակարգը անկախութեան առաջին տարիներէն սկսած և ի՞նչ աճ արձանագրած է ան տնտեսական ուժի կեդրոնացման առումով։

(ժգ) Եւ վերջապէս ի՞նչ յստակ ռազմավարութիւն ունին ՀՀ իշխանութիւնները մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդման առընչութեամբ։

Համազգային Խորհուրդի գաղափարը կ՚ընթադրէ համազգային պատասխանատւութիւն։ Ան կ՚ենթադրէ ազգային հզօր նախանձախնդրութիւն։ Կ՚ենթադրէ քաղաքական կամք այդ գործին մէջ Սփիւռքի անկախ դատողութիւնն ու լիիրաւ մասնակցութիւնը ընդգրկելու։ Կ՚ենթադրէ անկեղծ պատրաստակամութիւն ՀՀ գործող քաղաքական մշակոյթի նորմերը քանդելու, կաշառակերութիւնը կասեցնելու, տնտեսութիւնը մաքրելու իր ցեցերէն և հայ պետականութեան նոր դարագլուխը հռչակելու։ Այդ բանը չի կրնար տեղի ունենալ որքան ատեն որ երկրի ուժականութիւնները կապտուած են բուռ մը շահագործողներու կողմէ։ Մի ակնկալէք, որ Համազգային Խորհուրդը իր գոյութեամբ գայ լռելեայն հարազատագրելու (legitimize) մեր ժողովուրդին դէմ գործուած և գործուող այս յանցագործութիւնը։

Սեպտեմբեր 12, 2017

Լիբանանեան Ընտրական Օրինագիծերը Եւ Որդեգրուած Օրէնքը

$
0
0

Յ. ԱԴԱՄԵԱՆ

Նախքան այս տարի Լիբանանի կառավարութեան առաջարկած եւ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած ընտրական օրէնքին մասին խօսիլը` անհրաժեշտ է լիբանանահայ երիտասարդին ծանօթացնել տարբեր ընտրական օրէնքներու, որոնք յաճախ առաջարկուած են լիբանանեան կեանքին մէջ: Լիբանանահայ երիտասարդին համար կարեւոր պէտք է ըլլայ հասկնալ բոլոր ընտրական օրէնքները եւ ծանօթանալ անոնց, որպէսզի ան իր քննական եւ վերլուծական միտքին շնորհիւ` կարենայ գիտնալ, թէ ո՛ր օրէնքը կը ծառայէ հայութեան շահերուն եւ ո՛ր օրէնքը կը համապատասխանէ իր գաղափարական համոզումներուն: Ճիշդ չէ հետեւիլ մեծամասնութեան հոսանքին եւ համակերպիլ կարծիքներու, որոնք անպայմանօրէն չեն համապատասխաներ անհատին համոզումներուն: Իսկ համակերպումի առաջին պատճառը կ՛ըլլայ ըմբռնումի պակասն ու երեւոյթը հասկնալու դժուարութիւնը: Այսօր բոլոր ճառախօսներն ու հռետորները բեմերու վրայ կը խօսին քաղաքականացած երիտասարդութեան պատրաստութեան մասին, սակայն երբ երիտասարդը առիթ չունենայ քաղաքական հարցերու ծանօթանալու` տարբեր քաղաքական, համայնքային եւ գաղափարական դիտանկիւններէ, մենք պատրաստած կ՛ըլլանք միայն մեքենայացած երիտասարդութիւն:

Սկսելու համար պէտք է խօսիլ օրէնքի գլխաւոր երեք տարբերակներու մասին:

Ա) 1960-ի օրէնքը

1960-ի օրէնքը, ինչպէս անունէն յստակ է, որդեգրուած է 1960 թուականին, եւ այդ թուականէն մինչեւ օրս լիբանանեան բոլոր խորհրդարանական ընտրութիւնները կատարուած են այդ օրէնքին հիման վրայ: Օրէնքը տարիներու ընթացքին ենթարկուած է որոշ փոփոխութիւններու: Այս օրէնքին հիման վրայ կատարուած են 1960-ի, 1964-ի, 1968-ի  եւ 1972-ի խորհրդարանական ընտրութունները: 1972-ի ընտրութիւնները կ՛ըլլան վերջին ընտրութիւնները, որոնք կատարուած են լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմէն առաջ: Այդ ընտրութիւններուն արդիւնքներէն բխած խորհրդարանի պաշտօնավարութեան ժամկէտը երկարաձգուած է մինչեւ 1992 թուական: 1960-ի օրէնքը մշակուած է մեծամասնական դրութեան հիման վրայ: Օրէնքին համաձայն, Պէյրութը բաժնուած էր 3 ընտրատարածքներու, առաջին ընտրաշրջանը կը բաղկանար հետեւեալ շրջաններէն` Էշրեֆիէ,  Ռըմէյլ, Մտաուար, Սայֆի, նաւահանգիստ եւ Մինա Հոսըն, երկրորդը` Պաշուրա, Զոքաք Պլաթ եւ Տար Մրէյսէ,իսկ երրորդը` Ռաս Պէյրութ, Մազրաա եւ Մուսայթպէ:Լեռնալիբանանը բաժնուած էր 6 ընտրատարածքներու` Ժիպէյլ, Քեսրուան,Մեթըն, Պաապտա, Ալէյ եւ Շուֆ, հարաւային Լիբանանը բաժնուած էր 7 ընտրատարածքներու` Սայտա, Զահրանի, Ժեզզին, Սուր, Մերժայուն եւ Հասպայա,  Նապաթիէ, եւ Պընթ Ժիպէյլ, Հիւսիսային Լիբանանը բաժնուած էր 7 ընտրատարածքներու` Թրիփոլի, Մինա եւ Տննիյէ,, Քուրա, Զղարթա,  Պաթրուն, Պշարրէ եւ Աքքար, Իսկ Պեքաայի նահանգը բաժնուած էր երեք ընտրատարածքներու` Պաալպեք-Հերմել, Զահլէ ու հարաւային Պեքաա եւ Ռաշայա:

Բ) Համամասնական Օրէնքը        

Այս օրէնքը կը նպատակադրէ իւրաքանչիւր կուսակցութիւն կամ քաղաքական ուժ ներկայացնել աթոռներու որոշակի քանակով, որուն համեմատութիւնը կը համապատասխանէ անոնց ընտրական ուժին: Օրինակ, եթէ քաղաքական ուժ մը կարենայ հաւաքել ընդհանուր ձայներուն 40 առ հարիւրը, այդ պարագային իրաւունք կ՛ունենայ 40 առ հարիւր ներկայացուցչութիւն ունենալու խորհրդարանին մէջ: Այս օրէնքը  առաջին անգամ ծնունդ առաւ Եւրոպայի մէջ` նպատակ ունենալով պաշտպանել փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները: Առաջին անգամ այս օրէնքը որդեգրեցին այնպիսի երկիրներ, որոնց մէջ յստակ է տարբեր ցեղային, կրօնական եւ լեզուական արմատներէ եկած ժողովուրդներու ներկայութիւնը, օրինակ` Դանիա, Ֆինլանտա, Զուիցերիա եւ Պելճիքա: Այս ձեւի ընտրութիւններու մասին նաեւ խօսած են Արիստոտէլն ու Նիքոլա տը Քոնտորսէն: Անոր մասին ընդհանրապէս խօսուած է ազատական հոսանքին պատկանող գրեթէ ամբողջ մտաւորականութեան կողմէ, որ հաւատացած եղած է, թէ ընտրուած մարմինի պատկերը պէտք է համապատասխանէ երկրին իսկական ժողովրդագրական պատկերին: Սակայն նախքան համամասնական օրէնքի մը որդեգրման պահանջը` համաշխարհային գետնի վրայ սկսան պահանջուիլ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, որպէսզի անոնք ալ կարենան ներկայացուցիչներ ունենալ պատկան մարմիններուն մէջ, եւ ատկէ ետք է, որ 19-րդ դարու առաջին կիսուն սկսաւ խօսուիլ համամասնական օրէնքին մասին:

Գ) Ուղղափառ հանդիպումի օրէնքը

Ուղղափառ հանդիպումի օրէնքը կը հաստատէ, որ Լիբանանը պէտք է վերածուի մէկ ընտրատարածքի, ուր իւրաքանչիւր համայնքի անդամ կ՛ընտրէ այն ցանկը, որ կը բովանդակէ տուեալ համայնքը ներկայացնող թեկնածուն ամբողջ Լիբանանի տարածքին: Այսինքն` ընտրութիւններու ժամանակաշրջանին, այս օրէնքին համաձայն, կը կազմուին ընտրական ցանկեր, որոնք կ՛ունենան համայնքային բնոյթ եւ կ՛ընդգրկեն ամբողջ Լիբանանի տարածքին նոյն համայնքը ներկայացնող թեկնածուներու անուններ: Օրինակ` եթէ ուղղափառ համայնքը իրաւունք ունի 14 աթոռ ունենալու խորհրդարանին մէջ, ուրեմն ուղղափառ համայնքին պատկանող անհատ մը, որ պիտի քուէարկէ, պիտի ընտրէ այն ընտրական ցանկէն, որ կը բաղկանայ ուղղափառ համայնքին պատկանող 14 թեկնածուներու անուններէ: Այս օրէնքին համաձայն, համայնքներուն միջեւ աթոռներու բաժանումը պիտի ըլլայ հետեւեալ ձեւով, ինչ որ իր կարգին կը համապատասխանէ Թաէֆի որոշումներուն.

– Մարոնի համայնք – 34 աթոռ
– Սիւննի համայնք – 27 աթոռ
– Շիի համայնք – 27 աթոռ
– Ուղղափառ համայնք – 14 աթոռ
– Յոյն կաթողիկէ համայնք – 8 աթոռ
– Տիւրզի համայնք – 8 աթոռ
– Հայ առաքելական համայնք – 5 աթոռ
– Ալեւի համայնք – 2 աթոռ
– Հայ կաթողիկէ – 1 աթոռ
– Փոքրամասութիւններ – 1 աթոռ
– Աւետարանական համայնք – 1 աթոռ

Հասկնալէ ետք այն օրէնքները, որոնց մասին խօսուեցաւ կառավարական եւ խորհրդարանական տարբեր նիստերու ընթացքին, այժմ պէտք է խօսիլ այն օրէնքին մասին, որ յունիս 2017-ին վաւերացուեցաւ լիբանանեան խորհրդարանի կողմէ: Հայ երիտասարդը պէտք է լաւապէս իմանայ իր իրաւունքները եւ պարտականութիւնները: Ան պէտք է լաւապէս տեղեակ ըլլայ ընտրական օրէնքին մասին, որպէսզի առիթը ունենայ ընտրելու այն թեկնածուն, որ կը ներկայացնէ իր անձը, իր համոզումներն ու սկզբունքները իր երկրին` Լիբանանի խորհրդարանին մէջ: Նոր ընտրական օրէնքը, ուրեմն, վաւերացուեցաւ յունիս 2017-ին: Որդեգրուած օրէնքը պիտի կիրարկուի համամասնական դրութեան հիման վրայ. անոր համաձայն, Լիբանանը պիտի բաժնուի 15 ընտրատարածքներու: Օրէնքը կը հաստատէ, որ Պէյրութի շրջանը պիտի բաժնուի երկու ընտրատարածքներու, հիւսիսային եւ հարաւային Լիբանանը, ինչպէս նաեւ Պեքաայի շրջանը` 3 ընտրատարածքներու, իսկ Լեռնալիբանանը` 4 ընտրատարածքներու: Այս օրէնքին համաձայն, պիտի կիրարկուի վարկանշային քուէի դրութիւն իւրաքանչիւր ընտրական գաւառի եւ ոչ թէ ընտրատարածքի մակարդակով: Այս տարի նաեւ խօսուեցաւ ընտրելու տարիքը նուազեցնելու մասին, սակայն վաւերացուած օրէնքին համաձայն, տակաւին իրաւունք ունին ընտրելու միայն անոնք, որոնք բոլորած են 21 տարիքը: Ընտրելու տարիքը փոխելու  մասին քննարկումը յետաձգուեցաւ յաջորդ տարիներուն: Ինչ կը վերաբերի արտերկրի լիբանանցիներուն ընտրելու իրաւունք ընծայելու խնդիրին, ատիկա պիտի իրականանայ յաջորդ ընտրութիւններուն:

Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս օրէնքով նոյնպէս լիբանանահայութիւնը իրաւունք ունի խորհրդարանին մէջ ունենալու 5 հայ առաքելական եւ մէկ հայ կաթողիկէ ներկայացուցչական աթոռ: Այս աթոռները բաժնուած են հետեւեալ ձեւով` Պէյրութի առաջին ընտրատարածքին մէջ, որ կ՛ընդգրկէ Էշրեֆիէ, Ռըմէյլ, Մտաուար, Սայֆի շրջանները, 3 հայ առաքելական աթոռ եւ 1 հայ կաթողիկէ աթոռ: Պեքաայի առաջին ընտրատարածքին մէջ, որ կը բաղկանայ միայն Զահլէ շրջանէն, մէկ հայ առաքելական աթոռ: իսկ Լեռնալիբանանի երկրորդ ընտրատարածքին մէջ, որ կը բաղկանայ Մեթըն շրջանէն, մէկ հայ առաքելական աթոռ:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 26-րդ նախագահ Թէոտոր Ռուզվելթ կ՛ըսէ, որ քուէն կը նմանի գնդացիրի մը, որուն օգտակարութիւնը կախեալ է գործածող անձին նկարագիրէն եւ կարողութենէն, ուրեմն, իբրեւ լիբանանահայութիւն, պէտք է քաջ գիտնանք այն ուժը, որ կը վայելենք իբրեւ ժողովրդավար երկրի մը քաղաքացիներ: Պէտք է տէր կանգնինք այդ իրաւունքին եւ չկորսնցնենք լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ ներկայութիւն ունենալու առիթը: Իւրաքանչիւր հայ պատասխանատու է լիբանանահայութեան քաղաքական կեանքին նկատմամբ, ժողովուրդն է, որ կ՛որոշէ, թէ իր քաղաքական ուժը մակընթացութի՞ւն, թէ՞ տեղատուութիւն պիտի արձանագրէ: Ինչպէս ամերիկացի քննադատ Ճորճ Նաթան ըսած է, վատ ղեկավարներ կ՛ընտրուին լաւ քաղաքացիներու կողմէ, որոնք չեն քուէարկեր. առ այդ, իւրաքանչիւր քաղաքացի իրաւունք ունի եւ պէտք է տեղեակ ըլլայ երկրի ընտրական օրէնքին մասին, գիտնայ իր իրաւասութիւններն ու պարտականութիւնները, եւ ամէնէն կարեւորը` լսէ իր խիղճին ձայնը, որպէսզի սատարէ երկրին բարգաւաճման եւ զարգացման աշխատանքներուն: Իւրաքանչիւր անհատի քուէն կը ներկայացնէ իր սկզբունքներն ու համոզումները, իւրաքանչիւր անհատի քուէն կը ներկայացնէ իր գաղափարական համոզումներով թրծուած միտքը: Քուէն իւրաքանչիւր քաղաքացիի դեսպանն է` քաղաքական կեանքին մէջ:

 

 

Գաղափարական Հարցեր. 44 Տարուան Վէրքը Դարձեալ Բորբոքեցաւ

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ       

11 սեպտեմբեր 1973-ը սեւ օր մըն է ընդհանրապէս միջազգային ընկերվարական շարժումին եւ յատկապէս Հարաւային Ամերիկայի ձախ հոսանքին համար` զօրավար Փինոշէի կողմէ Չիլիի ընկերվարական նախագահ Սալվատոր Ալենտէի կառավարութեան  տապալումին պատճառով:

Չիլիցի բժիշկ եւ ընկերվարական քաղաքական գործիչ Սալվատոր Ալենտէ ծնած է 26 յուլիս 1908-ին, յառաջդիմական քաղաքական դիմագիծ ունեցող ընտանիքի մը մէջ: 1933-ին կ՛աւարտէ Չիլիի համալսարանը` բժշկութեան մասնագիտութեամբ:

1933 թուականը Ալենտէի համար կարեւոր կ՛ըլլայ նաեւ այն պատճառով, որ նշեալ թուականի 19 ապրիլին այլ մարքսական-ընկերվարական անհատներու հետ միասին կը հիմնէ Չիլիի Ընկերվարական կուսակցութիւնը, որուն հովանիին տակ կը միացուին Չիլիի մէջ գործող եւ ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը դաւանող չորս փոքր կուսակցութիւններ (Ընկերվար-մարքսական կուսակցութիւն, Նոր հանրային աշխատանք, Ընկերվարական ուխտ եւ Յեղափոխական-ընկերվարական աշխատանք)` մէկ ամուր կազմակերպութեան մը մէջ:

1969-ին, ազդուելով Լատինական Ամերիկայի մէջ բարձրացող բողոքներէն, գործադուլներէն, Քուպայի յեղափոխութենէն եւ «Ազատագրութեան աստուածաբանութենէն», կը հիմնուի «Ժողովրդային միութիւն» դաշինքը` նպատակ ունենալով միացնել Չիլիի մէջ գործող բոլոր ձախակողմեան ուժերը` 1970-ին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն ներկայանալով մէկ թեկնածուով: Դաշինքին մաս կը կազմեն ընկերվարական, համայնավար, արմատական, ընկերվար-ժողովրդավար (վերջին երկու ուղղութիւնները հետագային կը միանան կազմելու համար ներկայ` Արմատական ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցութիւնը) եւ այլ փոքր կուսակցութիւններ:

Ալենտէ իր քաղաքական փորձառութիւնը շահեցաւ իր ուսանողական կեանքին ընթացքին` անդամակցելով Չիլիի համալսարանի ուսանողական միութեան եւ աւելի ուշ` Ընկերվարական կուսակցութեան: Ան 1937-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ տարի մը ետք անոնց յաջորդած նախագահական ընտրութիւններուն կը դառնայ յառաջդիմական «Ժողովրդային միութիւն» դաշինքի գլխաւոր դէմքերէն մէկը: 1938-էն մինչեւ 1942 Ալենտէ կը դառնայ Չիլիի առողջապահութեան ու ընկերային բարեկեցութեան նախարարը, եւ այս հանգամանքին շնորհիւ` երկրին մէջ կը գործադրուին դրական բարեփոխումներ, ինչպէս` բանուորներու առողջապահութիւն, այրիներու թոշակ եւ ծննդաբերութենէն ետք` մայրերու խնամք:

Կառավարութեան մէջ իր բարեփոխումները կատարելէ ետք Ալենտէ կը շահի ժողովրդային համեստ խաւերուն աջակցութիւնը եւ կը մտնէ 1952, 1958 եւ 1964 թուականներու նախագահական ընտրապայքարներուն մէջ (վերջին երկու ընտրութիւններուն գրաւելով երկրորդ դիրքը):

4 սեպտեմբեր 1970-ը մեծ օր մը կ՛ըլլայ միջազգային ընկերվարական եւ աշխատաւորական շարժումին համար: Չիլին առաջին անգամ ըլլալով կ՛ընտրէ ձախակողմեան նախագահ, իսկ ամերիկեան ցամաքամասին մէջ առաջին անգամ ըլլալով մարքսական անհատ մը կը հասնի նախագահութեան` խաղաղ ու ժողովրդավարական միջոցներով:

Ուսումնասիրելով թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային պայմանները` Ալենտէ տեսաւ, որ Չիլին կարիքը ունի իր սեփական ընկերվարութեան, որ պիտի յարմարի երկրին ընկերային եւ տնտեսական պայմաններուն: Այս գաղափարին հիման վրայ Ալենտէ որդեգրեց «Չիլիի ընկերվարական ուղի»-ն, որ կ՛ընդգրկէր արդիւնաբերական մեծ ընկերութիւններու, ինչպէս պղինձի եւ հանքային ընկերութիւններու պետականացում, ձրի առողջապահութեան ապահովում, աշխատավարձի յաւելում, աշխատանքի ապահովագրութեան ընդլայնում (ներառելով փոքր ձեռնարկութիւններն ու ինքնազբաղուածները), անգործութեան նուազեցնում (հանրային ձեռնարկութիւններու մէջ աշխատցնելով անգործները) եւ հողերու համայնացում:

«Չիլիի ընկերվարական ուղի»-ն պետականացուց Չիլիի մէջ գործող եւ անձնական սեփականատիրութիւն դարձած` ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող բոլոր մեծ ձեռնարկութիւնները եւ խիստ հսկողութեան ենթարկեց դրամագլուխի շարժումները: Իբրեւ «Չիլիի ընկերվարական ուղի»-ին հակազդեցութիւն` երկրին մէջ կազմուեցաւ ընդդիմութիւն մը, որ դէմ կեցաւ Ալենտէի որդեգրած ընկերային եւ տնտեսական քաղաքականութիւններուն:

Այդ ընդդիմութիւնը կը բաղկանար  ձեռնարկութիւնները սեփականացուցած անձերէ, որոնք մերժեցին, որ իրենց ձեռնարկութիւնները հանրութեան օգտին ծառայեն, ինչպէս նաեւ մերժեցին իրենց բարձր եկամուտներուն համապատասխան հարկեր վճարել, նաեւ` հողատէրերէ, որոնք կորսնցուցին իրենց հողերը Ալենտէի առաջադրած հողերու համայնացման ծրագիրին պատճառով, որուն միջոցով այդ հողերը հաւասարապէս բաժնուեցան բոլոր գիւղացիներուն, եւ` աջակողմեան կուսակցութիւններէն, որոնք մէկ կողմէ դէմ կեցան տնտեսական կեանքին մէջ պետութեան միջամտութեան, իսկ միւս կողմէ ալ դէմ կեցան Ալենտէի յառաջդիմական քաղաքականութիւններուն, որոնք կ՛ընդգրկէին  գիտութեան ծրագիրներու արդիականացում, աշխարհիկացում եւ կիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւն:

Ներքին ընդդիմութենէն զատ` Միացեալ Նահանգներու հանրապետական պահպանողական վարչակազմը, նախագահ Նիքսընի ղեկավարութեամբ, մտահոգուեցաւ, որ Չիլիի թէ՛ ներքին ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւնները եւ թէ՛ արտաքին քաղաքականութիւնը (բարեկամական կապեր հաստատուած էին Քուպայի եւ Չիլիի միջեւ) պիտի դառնան վտանգ` ուղղուած Միացեալ Նահանգներու շահերուն: 11 սեպտեմբեր 1973-ին, օգտուելով թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին պահպանողական աջակցութենէն, բանակը  տապալեց Ալենտէի կառավարութիւնը եւ հիմնեց «Զինուորական խորհուրդ»-ի (խունթա) իշխանութիւնը, որ տեւեց մինչեւ 1990:

Բանակը նոյն օրը կը ռմբակոծէ նախագահական պալատը, ուր կը գտնուէր Ալենտէն, որ գիտնալով, թէ պիտի սպաննուի, իր վերջին խօսքը կ՛ուղղէ Չիլիի ժողովուրդին` ըսելով. «Ո՛վ հայրենիքիս աշխատաւորներ, ես հաւատք ունիմ Չիլիին եւ անոր ճակատագիրին նկատմամբ: Այլ մարդիկ պիտի տապալեն այս մութ եւ դաժան պահը, երբ դաւաճանութիւնը գերակշռուի: Մի՛շտ ձեր միտքը պահեցէք, որ մօտ օրէն եւ ոչ թէ շատ ուշ կրկին պիտի բացուին մեծ ուղիները, որոնց վրայէն ընթանալով` ազատ մարդիկ կրկին պիտի ձգտին կերտել աւելի լաւ հասարակութիւն: Կեցցէ՛ Չիլին, կեցցէ՛ ժողովուրդը եւ կեցցէ՛ աշխատաւորութիւնը»: Այս տողերը արտասանելէ ետք ան կը դիմէ անձնասպանութեան:

Ինչպէս գիտենք, զինուորական յեղաշրջման պայմանները այսօր ալ առկայ են Հարաւային Ամերիկայի այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս` Պրազիլ եւ Վենեզուելա: Հոն միշտ ալ մեծ ձեռնարկութիւններու սեփականատէրերը կը փորձեն կանխել պետութեան միջամտութիւնը տնտեսական կեանքին մէջ:Անոնք միայն կը հաւատան, թէ արիւնոտ ճամբով է, որ պիտի իրականանայ իրենց երազը` ազատ շուկայ մը` առանց պետութեան միջամտութեան:

Այսօր փայլող արեւի պէս յստակ են ազատ շուկայական տնտեսական համակարգին արձանագրած ձախողութիւնները` Հարաւային Ամերիկայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա եւ Ասիա: Անցնելով յիշեալ ցամաքամասէն, պիտի հանդիպիք աղքատութեան եւ անգործութեան` ճիշդ այդ երկիրներուն մէջ, ուր աւելի համարձակօրէն կը գործեն մեծ ձեռնարկութիւնները, ուր ընկերային եւ հանրային ծառայութիւնները դարձած են մենաշնորհ մեծահարուստներուն ձեռքին, եւ ուր կրթութիւնն ու առողջապահութիւնը դարձած են շուկաներու միջեւ մրցակցութեան խաղ մը:

 

 

 

Անդրադարձ. Վտանգն Ու Անոր Կանխարգիլման Առաջին Քայլը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միանմարի բանակը Ռախին նահանգին մէջ ռոհինկիա իսլամ ըմբոստներու 25 օգոստոսին կատարած յարձակումներուն հակադարձեց շղթայազերծելով բռնարարքներու բուռն արշաւ մը, որուն պատճառով 370 հազար ռոհինկիաներ ապաստանեցան Պանկլատեշ: Միանմարի բանակը ականապատեց Միանմար-Պանկլատեշ սահմանը` արգելակելու համար իսլամ ռոհինկիաներուն վերադարձը: ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց բարձրագոյն յանձնակատար Զէյիտ Ռաատ Հիւսէյն կատարուածը նկատեց «ցեղային մաքրագործման» համազօր:

Միանմարի բանակի այդ արարքը ո՛չ միայն քստմնելի էր, այլ նաեւ անհեռատես: Արդարեւ, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման օրերը հաշուըւած են: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ նոր մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու բաժանմունքի փոխնախագահը յայտնեց, որ հաւատադրժողական կազմակերպութիւնը սկսած է դրամները շրջանէն օտար երկիրներ փոխադրել` առ ի պատրաստութիւն իր մօտալուտ պարտութեան: Բնականաբար ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները շրջանէն ելք կը փնտռեն: Ամերիկեան օդուժը 26 օգոստոսէն մինչեւ օրս երեք հրոսէջք կատարելով իրեն հետ տարաւ ՏԱՀԵՇ-ի տասնեակներով ղեկավարներ: Կարելի է ենթադրել, որ անոնք հանգստեան պիտի չկոչուին, այլ այլուր պիտի գործուղուին:

Ծանօթ է, որ ՏԱՀԵՇ որոշ ատենէ մը ի վեր կը փորձէ հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ ներկայութիւն դառնալ, ուստի Միանմարի տրամադրած ոսկի առիթէն օգտուելով` կրնայ շահագործել դժուար կացութեան մատնուած իսլամ ռոհինկիաները: Ուստի, եթէ Միանմարի նպատակը այդ վտանգէն ձերբազատիլն է, ապա այդ պարզամիտ ու ոճրային լուծումը ո՛չ միայն ճիշդ հակառակը կ՛իրագործէ, այլ նաեւ անհամեմատօրէն կը մեծցնէ զայն:

Ռոհինկիաներու դէմ ծաւալած արշաւին պատճառով եւ ՏԱՀԵՇ-եան վտանգի գոյութեան լոյսին տակ, քաղաքացիութենէ զուրկ եղող ցեղային այդ խմբաւորումին հարցը այժմ դադրած է միայն միանմարեան հարց մը ըլլալէ եւ վերածուած շրջանային անվտանգութեան հարցի: Շրջանին մէջ իսլամական ամէնէն բազմամարդ պետութեան` Ինտոնեզիոյ իշխանութիւնները, երկրի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին վերահսկողութեամբ մեծաքանակ մարդասիրական օժանդակութիւն ու սննդեղէն ուղարկեցին ռոհինկիաներուն: Այդ շտապ քայլը առերեւոյթ համաիսլամական կարեկցանքի ընդհանուր մթնոլորտի ծիրին մէջ մարդասիրական դրդապատճառներէ մղուած է, սակայն իրողութեան մէջ կատարուած է անվտանգութեան նկատառումներով:

Ի տարբերութիւն Միանմարի իշխանութիւններուն, Ինտոնեզիոյ հեռատես իշխանութիւնները կը գիտակցին, թէ ռոհինկիաներուն մօտ լքուածութեան զգացումի յառաջացումը վտանգաւոր է, որովհետեւ շահագործումի պարարտ հող կը ստեղծէ: Ուստի այս քայլով կը փորձեն ՏԱՀԵՇ-ի դիմաց ճամբան փակել եւ պատուհասին շրջանին մէջ արմատ նետելը կանխարգիլել:

Ինտոնեզիոյ կատարածը կարեւոր, սակայն առաջին քայլ մըն է, որ կարիքը ունի շրջանային մակարդակի վրայ ամրապնդման: Ուստի կարելի է յառաջիկայ օրերուն այդ ուղղութեամբ քայլեր ակնկալել:

 

 

Հանգիստ Խղճով Կարող Էք Քաղաքականացնել

$
0
0

Կ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Հայաստան ապաքաղաքական երկիր է, ու ոչինչ, որ, օրինակ, դիւանագէտները փորձում են անել ամէն ինչ` արտաքին քաղաքականութեան հարցում յստակ քաղաքականութիւն ունենալու համար:

Հայաստանում ոչինչ քաղաքականացնել չի կարելի, անգամ` քաղաքականութիւնը: Պարզւում է` քաղաքականութիւնն ամօթ բան է, անթոյլատրելի, փակման արժանի երեւոյթ, ուղղակի մէկ բան է անհասկանալի` մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանը նախարար նշանակուելուց յետոյ ինչո՞ւ դարձաւ ՀՀԿ-ական: Նախարարը, կարծես, քաղաքականութիւնից էր խօսում այն ժամանակ` մէկ քաղաքական գիծ ունենալու մասին բարձրաձայնում: Գուցէ ժամանակները փոխուե՞լ են:

Մշակոյթի նախարարութիւնը Թումանեանին եւ նրա զաւակներին նուիրուած ցուցահանդէսը փակել է տուել` «քաղաքական տարրեր» պարունակելու պատճառաբանութեամբ: Իսկ «քաղաքական տարրեր»-ն, ի դէպ, պոլշեւիզմն է, որին «զոհ» են գնացել Թումանեանի զաւակները: Ստացւում է` մշակոյթի նախարարութիւնը իզմ-երից չի ազատուել ու, ոչինչ, որ այդ իզմ-երը սիմվոլիզմի կամ ռոմանտիզմի մաս չեն կազմում:

Ասում են` մշակոյթը սահմաններ պէտք չէ ունենայ, մշակոյթի նախարարն էլ, կարծես, եկել էր բարեփոխելու ոլորտը: Զարգացած երկրներում բարեփոխումներն ինչ որ բան փոխելու, դէպի լաւին տանելու ճանապարհով են գնում, թէկուզ` դժուար ճանապարհով, իսկ մեզ մօտ` վերադարձ խորհրդային կարգերին` հուռա, ընկերնե՛ր:

Մշակոյթի նախարարութիւնը, կարծում եմ, պէտք է մի լուրջ հարցով էլ զբաղուի` Նժդեհի արձանի տեղադրման հետ կապուած Ռուսաստանը հակասութիւններ ունէր. գուցէ ապասարքուի՞, նոյն սկզբունքով` նախկին խորհրդային երկրին չնեղացնենք յանկարծ:

Մէկ առաջարկ էլ` Թումանեան փողոցը կարող ենք անուանափոխել, քանի դեռ այժմէական է փողոցների անուանափոխման հարցը: Թումանեանի փոխարէն կարող ենք փողոցը անուանել Լենին պապի անունով ու շաբաթը մէկ Լենին պապի փողոցում կազմակերպել ցուցահանդէսներ` ձեր սրտով` խիստ խորհրդային ոգով:

Խորհրդային կարգերը, կարծես, որոշ պետական հիմնարկներում խոր արմատներ են գցել ու ոչ մի կերպ դրանցից ազատուել չի լինում: Նման` դէպի պայծառ ապագան տանող արագ քայլերով շուտով խորհրդային երկիրը կը ծաղկի, վզկապները կը վերադառնան, Լենին պապին նուիրուած բանաստեղծութիւնների մրցոյթ կ՛անցկացուի ու աւելի մեծ թափով կը շարունակեն Հայաստան գալ «էն թուերի» երգիչ-երգչուհիները` պետական հովանու ներքոյ համերգով հանդէս գալու: Ահա եւ բարեփոխումները:

Թումանեանը կ՛ասէր. «Հերթով գալիս, անց ենք կենում էս անցաւոր աշխարհից»: Հանգիստ խղճով կարող էք քաղաքականացնել:

«Երկիր»

14 ­Սեպ­տեմ­բեր 1915. ­Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­մար­տին փրկա­րար ու­ղին

$
0
0

102 տա­րի ա­ռաջ այս օ­րե­րուն, 12-14 ­Սեպ­տեմ­բեր 1915ին, ա­ւե­լի քան 4 հա­զար հայ մար­դիկ` մա­նուկ եւ ա­լե­հեր, կին թէ տղա­մարդ, ի­րենց զէն­քե­րով եւ փո­խադ­րե­լի ինչ­քե­րով, ա­պաս­տան գտան ֆրան­սա­կան 5 մար­տա­նա­ւե­րու վրայ եւ հե­ռա­ցան ի­րենց հայ­րե­նի դա­րա­ւոր ոս­տա­նէն` ­Մու­սա ­Լե­րան գիւ­ղե­րէն։

Ա­նոնք հայ­րե­նի­քը կա­մո­վին լքող­ներ չէին։ Ընդ­հա­կա­ռա՛կն. պա­պե­նա­կան հո­ղին կառ­չած հա­յեր էին, ո­րոնք ամ­բողջ 40 օր ան­հա­ւա­սար կռիւ մղե­ցին օս­մա­նեան զօր­քին դէմ` սե­փա­կան հո­ղին վրայ խա­ղա­ղօ­րէն ապ­րե­լու եւ ա­րա­րե­լու ի­րենց բնա­կան ու անբռ­նա­բա­րե­լի ի­րա­ւուն­քին պահ­պան­ման, ամ­րագր­ման հա­մար։

Ա­նոնք յաղ­թա­նա­կով պսա­կե­ցին 40 օ­րե­րու ի­րենց հե­րո­սա­մար­տին օր­հա­սա­կան ճա­կա­տու­մի բո­լոր պա­հե­րը, երբ խի­զա­խօ­րէն դի­մագ­րա­ւե­ցին եւ յետ մղե­ցին թրքա­կան զօր­քի յար­ձա­կում­նե­րը։ ­Բայց ­Մու­սա ­Լե­րան լան­ջե­րուն տա­րա­ծո­ւած ի­րենց գիւ­ղե­րէն հա­ւա­քա­բար լե­րան գա­գա­թը բարձ­րա­ցած եւ ա­նա­ռիկ ար­ծո­ւե­բոյն կազ­մած մու­սա­լեռ­ցի­նե­րը ի վեր­ջոյ ա­ռան­ձին էին, դի­մադ­րու­թեան եւ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան սոսկ կղզեակ մըն էին ողջ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նը եւ ­Կի­լի­կիան հա­րո­ւա­ծած տա­րագ­րու­թեան ու կո­տո­րած­նե­րու ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­լե­կոծ ծո­վուն մէջ։ ­Մա­նա­ւանդ որ փամ­փուշտն ու սնուն­դը հատ­նե­լու վրայ էին, իսկ ո­սո­խը ա­նընդ­հատ կը վե­րա­նո­րո­գէր իր շար­քե­րը` ին­կող­նե­րուն տեղ նոր ու­ժեր կը հասց­նէր եւ լեռն ի վեր յար­ձա­կու­մը ա­նընդ­հատ կը շա­րու­նա­կէր։

Օգ­նու­թեան եւ փրկու­թեան միակ յոյ­սը ­Մի­ջերկ­րա­կան ծովն էր, ո­րուն բա­ցե­րուն պար­բե­րա­բար կ­’ե­րե­ւէին ֆրան­սա­կան մար­տա­նա­ւեր, ո­րոնք թէեւ օս­մա­նեան բա­նա­կին հետ ընդ­հա­նուր պա­տե­րազ­մի մէջ էին` ­Դաշ­նա­կից ու­ժե­րու շար­քին, բայց ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց յա­տուկ ծրա­գիր չու­նէին ուղ­ղա­կիօ­րէն Ա­ղեք­սանտ­րէ­թի նա­հան­գին եւ Սո­ւէ­տիոյ գա­ւա­ռա­կին վե­րա­բե­րեալ, ուր կը գտնո­ւէր ­Մու­սա ­Լե­ռը։
Այդ պատ­ճա­ռով ալ, երբ ­Մու­սա ­Լե­րան հա­յու­թեան հե­րո­սա­կան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան բռնկու­մէն 40 օր ետք ֆրան­սա­կան ծո­վու­ժը պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց առ­ժա­մա­բար տե­ղա­փո­խե­լու եւ ­Թուր­քիոյ գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն փրկե­լու ա­ւե­լի քան 4 հա­զար մարտն­չող հա­յե­րը, մու­սա­լեռ­ցիք ըն­դա­ռա­ջե­ցին եւ բաժ­նո­ւե­ցան ի­րենց հայ­րե­նի ոս­տա­նէն։
Սկզբ­նա­պէս դէ­պի ­Կիպ­րոս ուղ­ղուե­ցան ­Մու­սա ­Լե­րան հա­յու­թիւ­նը փո­խադ­րող ֆրան­սա­կան մար­տա­նա­ւե­րը, բայց ­Կիպ­րո­սը ի վի­ճա­կի չէր պատսպա­րե­լու այդ­քան մեծ թո­ւով նոր գաղ­թա­կա­նու­թիւն։ Ե­գիպ­տո­սի ­Փոր ­Սա­յիտ նա­ւա­հան­գիս­տը երկ­րորդ ընտ­րանքն էր, ուր եւ տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Մու­սա ­Լե­րան հա­յու­թիւ­նը։ ­Մին­չեւ 1919 եւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տը, մու­սա­լեռ­ցիք գաղ­թա­կան ապ­րե­ցան ­Փոր ­Սա­յի­տի մէջ, վրան­նե­րու տակ։ 1919ին ա­նոնք մեծ մա­սով վե­րա­դար­ձան ի­րենց հայ­րե­նի ոս­տան­նե­րը, ուր մնա­ցին մին­չեւ 1939, երբ ­Սու­րիոյ եւ Ան­տիո­քի հո­գա­տա­րու­թիւ­նը ստանձ­նած Ֆ­րան­սան այդ շրջան­նե­րը… յանձ­նեց ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան։

1939ին ­Մու­սա ­Լե­րան հա­յու­թիւ­նը ո­րո­շեց հե­ռա­նալ 10րդ ­դա­րէն սկսեալ իր շէն­ցու­ցած պա­պե­նա­կան օ­ճա­խէն։ ­Մեծ մա­սը տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Այն­ճար` Լի­բա­նան։ Ո­րոշ մաս հե­տա­գա­յին ներ­գաղ­թեց ­Հա­յաս­տան։ Իսկ նոյ­նինքն ­Մու­սա ­Լե­րան գիւ­ղե­րէն միայն ­Վա­գը­ֆի մէջ հա­յեր շա­րու­նա­կե­ցին ապ­րիլ` մին­չեւ մեր օ­րե­րը հայ­կա­կան հետ­քե­րը պահ­պա­նե­լով։

Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­մար­տը, ան­շո՛ւշտ, միա­կը չէր իր տե­սա­կին մէջ` 1915ին հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ ­Թուր­քիոյ ի գործ դրած ցե­ղաս­պա­նու­թեան շրջա­նին։ ­Սա­սունն ու Վա­նը, Ուր­ֆան եւ ­Շա­պին ­Գա­րա­հի­սա­րը լայն տա­րո­ղու­թեամբ մարմ­նա­ւո­րե­ցին ու շնչա­ւո­րե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին դի­մադ­րա­կան ո­գին եւ հե­րո­սա­կան ծա­ռա­ցու­մը ցե­ղաս­պան ո­սո­խին դէմ։ ­Բայց թէ՛ Ֆ­րանց ­Վեր­ֆէ­լի «­Մու­սա ­Լե­րան 40 օ­րե­րը» վէ­պով գրա­կա­նօ­րէն ան­մա­հա­նա­լով, թէ՛ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին նկա­րագ­րին հե­րո­սա­կան խո­յան­քին ման­րան­կա­րը շնչա­ւո­րե­լու իր հան­գա­ման­քով` ինչ­պէս հե­տա­գա­յին ­Վա­հան Թէ­քէ­յեան պի­տի գրէր իր ծա­նօթ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մէջ, ­Մու­սա ­Լե­ռը իր հայ­կա­կան փոքր գիւ­ղե­րով «ան­հու­նօ­րէն մեծ­ցաւ»…

Եւ ինչ­պէս որ տաս­նա­մեակ­ներ ետք ­Մու­սա ­Լե­րան ար­ժա­նա­ւոր զա­ւակ­նե­րէն՝ դաշ­նակ­ցա­կան տա­րա­բախտ ղե­կա­վար ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեան դի­պուկ շեշ­տադ­րու­մով մը եւ պատ­կե­րա­ւոր ձե­ւով պի­տի ընդգ­ծէր, ­Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­մար­տը ե­ղաւ ով­կիա­նո­սի այն կա­թի­լը, որ բա­ւա­րար է ստու­գե­լու եւ ճանչ­նա­լու հա­մար ամ­բող­ջու­թեան` հայ ժո­ղո­վուր­դի հե­րո­սա­կան նկա­րագ­րին ճշգրիտ բա­ղադ­րու­թիւ­նը։
Ման­րա­մասն յի­շեց­ման ար­ժա­նի է ­Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­մար­տը, որ իր բո­լոր հանգ­րո­ւան­նե­րով եւ ծալ­քե­րով հա­րա­զա­տօ­րէն կը ներ­կա­յաց­նէ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­կան ճա­կա­տագ­րին փառքն ու ող­բեր­գու­թիւ­նը։ ­Բայց յու­շա­տետ­րի նեղ սիւ­նա­կը հա­զիւ ու­րո­ւագ­ծա­յին խտաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը կ­’ըն­ձե­ռէ։ Այդ­քա­նով ալ պարզ կը դառ­նայ, թէ ին­չո՛ւ եւ ինչ­պէ՛ս ­Մու­սա ­Լե­րան հա­յու­թիւ­նը իր ու­րոյն տե­ղը նուա­ճեց հա­յոց պատ­մու­թեան հե­րո­սա­կան մե­ծա­գոր­ծու­թեանց հպար­տան­քի մա­տեա­նին է­ջե­րուն մէջ։

«­Ճե­պէլ ­Մու­սա» («­Մով­սէ­սի ­Լեռ») ա­րա­բե­րէն ա­նո­ւա­նու­մէն կու գայ ­Մու­սա ­Լե­ռը, որ մաս կը կազ­մէ Ա­մա­նոս լեռ­նաշղ­թա­յի հա­րա­ւա­յին ճիւ­ղա­ւո­րու­մին ա­րեւմ­տեան բաժ­նին։ Ին­կած Ո­րոն­դէս գե­տի հիւ­սի­սա­յին ա­փին, ան­տա­ռա­խիտ ու կա­նա­չա­պատ այդ փոք­րիկ լեռ­նաշղ­թան կը խրի ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի ջու­րե­րուն մէջ, ա­ւար­տե­լով ­Րաս էլ ­Խան­զիր («­Վա­րա­զի Գ­լուխ») հրո­ւան­դա­նով։ ­Լեռ­նաշղ­թա­յին ա­րե­ւե­լեան բա­ժի­նը կ­’իշ­խէ Ան­տիոք քա­ղա­քին վրայ։

Մու­սա ­Լե­րան բար­ձունք­նե­րուն եւ Ո­րոն­դէս գե­տի ա­փե­րուն մի­ջեւ եր­կա­րող տա­րա­ծու­թեան վրայ, պատ­մա­կան ­Սե­լեւ­կիա նա­ւա­հան­գիս­տի մեր­ձա­կայ­քը, 10րդ դա­րէն սկսեալ հա­յեր բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած եւ շէն­ցու­ցած են վեց գիւ­ղեր` ­Պի­թիաս, Հա­ճի ­Հա­պիպ­լի, Եո­ղուն Օ­լուգ, Խ­տըր ­Պէյ, ­Վա­գըֆ եւ ­Քե­պու­սիէ։ 1915ին, վեց գիւ­ղե­րու հա­յու­թեան ընդ­հա­նուր համ­րան­քը կ­’անց­նէր վեց հա­զա­րը։ Երբ օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ­Դաշ­նա­կից­նե­րու դէմ պա­տե­րազ­մի գօ­տի հռչա­կեց ամ­բողջ շրջա­նը եւ Սո­ւէ­տիոյ գա­ւա­ռա­պե­տը իբր «սրտցա­ւու­թեամբ» ­Մու­սա լե­րան հա­յե­րուն տե­ղա­հա­նու­թիւն «ա­ռա­ջար­կեց», իբր թէ ա­ւե­լի ա­պա­հով շրջան­ներ ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս պատս­պա­րո­ւե­լու հա­մար, շուրջ եր­կու հա­զար մու­սա­լեռ­ցի­ներ հա­ւա­տա­ցին թրքա­կան կեղծ «հո­գա­տա­րու­թեան», ընտ­րե­ցին տա­րագ­րու­թեան ճամ­բան եւ մեծ մա­սով կոր­սո­ւե­ցան։ Մ­նա­ցեալ ա­ւե­լի քան չորս հա­զա­րը, ի մի գա­լով եւ եր­կա­րա­տեւ խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ ու վէ­ճեր ու­նե­նա­լով` տե­ղա­հա­նու­թեան «ա­ռա­ջարկ»ը ըն­դու­նե­լու կամ մեր­ժե­լու դիր­քո­րո­շում­նե­րուն շուրջ, վեր­ջա­պէս յան­գե­ցաւ ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դով լե­րան գա­գա­թը բարձ­րա­նա­լու եւ թրքա­կան հա­ւա­նա­կան յար­ձակ­ման վտան­գը դի­մագ­րա­ւե­լու եզ­րա­կա­ցու­թեան։ ­Յու­լիս 31ին սկսաւ բո­լո­րով — տուն-տեղ լքած եւ փո­խադ­րե­լի ինչ­քե­րը հակ կա­պած ու շալ­կած — դէ­պի լե­րան գա­գա­թը բարձ­րա­նա­լու եւ դիր­քա­ւո­րո­ւե­լու դժո­ւա­րին, այլ հե­րո­սա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը։

Ճիշդ է, այդ խորհր­դակ­ցու­թեանց մաս­նա­կից­նե­րը վեց գիւ­ղե­րուն ե­րե­ւե­լի ու հե­ղի­նա­կա­ւոր` ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան դէմ­քերն էին, բայց ամ­բողջ ­Մու­սա ­Լե­րան հա­յու­թիւ­նը իր խօս­քը ու­նե­ցաւ տրո­ւած ո­րո­շու­մին մէջ։ ­Փաս­տօ­րէն ամ­բողջ հե­րո­սա­մար­տի ըն­թաց­քին եւ այ­նու­հե­տեւ ալ, ­Փոր ­Սա­յի­տի մէջ գաղ­թա­կա­նու­թեան շրջա­նին թէ ­Մու­սա ­Լեռ ի­րենց վե­րա­դար­ձէն ետք, նաեւ` հայ­րե­նի օ­ճա­խին պար­պու­մէն եւ Այն­ճար հաս­տա­տո­ւե­լէն աս­դին, մու­սա­լեռ­ցի­նե­րու ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին ակն­բախ ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րէն մէ­կը ե­ղած է ի­րենց հա­ւա­քա­կան ընտ­րանք­նե­րը, ո­րո­շում­նե­րը եւ քայ­լերը խորհր­դակ­ցա­բար ու հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին մաս­նակ­ցու­թեամբ կա­յաց­նե­լու սո­վո­րոյ­թը։

Գիւ­ղա­կան հա­մայ­նա­կան կեան­քի դրա­կան այդ ե­րե­ւոյ­թը մե­ծա­պէս նպաս­տեց, որ­պէս­զի լեռ բարձ­րա­ցած չորս հա­զա­րէ ա­ւե­լի ժո­ղո­վուր­դը իր գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րէ հե­րո­սա­մար­տին` իւ­րա­քան­չիւ­րը իր կա­րո­ղու­թեան եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան նո­ւի­րա­բե­րու­մով։ ­Հա­մա­խո­հա­կան այդ մթնո­լոր­տը նաեւ օգ­նեց, որ ա­ռան­ձին դէմ­քեր ու ան­հա­տա­կա­նու­թիւն­ներ ճա­ռա­գայ­թող հե­ղի­նա­կու­թիւն դառ­նան եւ ղե­կա­վար դեր ստանձ­նեն ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով կռո­ւի ամ­բողջ 40 օ­րե­րուն ըն­թաց­քին։ Այդ­պէ՛ս է, որ ­Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­մար­տը ու­նե­ցաւ իր փայ­լուն դէմ­քե­րը, ո­րոնք ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս ղե­կա­վա­րե­ցին մարտն­չող ժո­ղո­վուր­դը եւ պատ­մու­թեան ան­ցան փառ­քի դափ­նեպ­սա­կով, ինչ­պէս պա­տո­ւե­լի ­Տիգ­րան Անդ­րէա­սեան (ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կեդ­րո­նա­կան մարմ­նի նա­խա­գա­հը), ­Մով­սէս Տէր-­Գա­լուս­տեան (նոյն մարմ­նի ան­դամ ու զի­նո­ւո­րա­կան խոր­հուր­դի ղե­կա­վա­րը), հե­րոս մար­տիկ Ե­սա­յի Եա­ղու­պեան եւ ու­րիշ­ներ։

Նաեւ յա­նուն պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան պէտք է ա­ւելց­նել, որ 1890ա­կան­նե­րէն սկսեալ ­Մո­ւսա ­Լե­րան հա­յու­թիւ­նը ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան զար­թօն­քի ա­րա­գըն­թաց փուլ մը ապ­րե­ցաւ, որ իր բա­րե­րար անդ­րա­դար­ձը ու­նե­ցաւ ընդ­հա­նուր տա­րագ­րու­թեան ընդ­դի­մա­նա­լու մու­սա­լեռ­ցի­նե­րու վճռա­կա­նու­թեան դրսե­ւոր­ման վրայ։ 1890ա­կան­նե­րուն Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թիւնն ու ­Վե­րա­կազ­մեալ Հն­չա­կեան­նե­րը, իսկ 1900ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան յատ­կա­պէս ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ա­րագ տա­րա­ծում գտան ե­րի­տա­սարդ մու­սա­լեռ­ցի­նե­րու մօտ։ 1908ին ար­դէն, ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պա­կան իր աշ­խոյժ կա­ռոյ­ցը ստեղ­ծած էր, ո­րուն շար­քե­րէն գա­լով, տա­կա­ւին ե­րի­տա­սարդ, ­Մով­սէս ­Տէր-­Գա­լուս­տեան վճռո­րոշ դեր ու­նե­ցաւ ինչ­պէս 1915ի հե­րո­սա­մար­տին, այն­պէս ալ մու­սա­լեռ­ցի­նե­րու հե­տա­գայ կեան­քի հու­նա­ւոր­ման եւ ղե­կա­վար­ման մէջ։
Մ­նա­ցեա­լը 40 օ­րե­րու հե­րո­սա­պա­տում է, որ այն­քան գե­ղեց­կօ­րէն գրա­կա­նա­ցո­ւած ու յա­ւեր­ժու­թեան յանձ­նո­ւած է ­Վեր­ֆէ­լի աշ­խար­հահռ­չակ վէ­պով։

Սահ­մա­նա­փակ թո­ւով զէն­քե­րով եւ փամ­փուշտ­նե­րով սկսած ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան կռի­ւը կրցաւ իր յաղ­թա­կան եր­թը պահ­պա­նել` շնոր­հիւ մու­սա­լեռ­ցի­նե­րու խի­զա­խու­թեան ու մար­տու­նա­կու­թեան։ ­Ռազ­մա­կան իւ­րա­քան­չիւր յաղ­թա­նա­կի հետ, մարտն­չող հա­յե­րը կրցան հզօ­րաց­նել զէն­քի եւ փամ­փուշտ ի­րենց ու­ժը` պար­տու­թեան մատ­նո­ւած թշնա­միին իսկ զէն­քե­րով ու զի­նամթեր­քով։ Իսկ ժո­ղո­վուր­դը կրցաւ հո­ղին բա­րիք­նե­րը ա­ռա­ւե­լա­գոյնս օգ­տա­գոր­ծել, լե­րան բար­ձուն­քին իր օ­րա­ւուր սնուն­դը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։

Վեր­ջա­պէս, ­Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­մար­տին ան­բա­ժան մա­սը կը կազ­մէ ֆրան­սա­կան Կի­շէն մար­տա­նա­ւը, որ Օ­գո­տո­սի 10ի շուրջ ա­ռա­ջին ան­գամ ե­րեւ­ցաւ ծո­վուն բա­ցե­րը։ Մու­սա­լեռ­ցիք ի­րենց յա­տուկ ա­ղեր­սագ­րի­րը` զէնք, զի­նամ­թերք եւ սնունդ ստա­նա­լու կամ, այ­լա­պէս, նա­ւով տե­ղա­փո­խո­ւե­լու խնդրան­քով, քա­նի մը լո­ղորդ­նե­րով հաս­ցու­ցին ֆրան­սա­կան մար­տա­նաւ։ ­Կի­շէ­նի հրա­մա­նա­տա­րը խոս­տա­ցաւ ա­ղեր­սա­գի­րը հասց­նել իր կա­ռա­վա­րու­թեան եւ հե­ռա­ցաւ ու շա­բաթ­ներ տե­ւեց, մին­չեւ որ վե­րա­դառ­նայ եւ բե­րէ Փա­րի­զի պա­տաս­խա­նը, որ մու­սա­լեռ­ցի­նե­րու տե­ղա­փո­խու­թեան տրո­ւած հա­մա­ձայ­նու­թիւնն էր։
Սեպ­տեմ­բեր 9ին ­Կի­շէն մար­տա­նա­ւը, ­Տե­սեքս մար­տա­նա­ւի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, խարս­խեց ծո­վուն բա­ցե­րը եւ սկսաւ ռմբա­կո­ծել թրքա­կան դիր­քե­րը։ ­Միա­ժա­մա­նակ մա­կոյ­կով ծո­վափ ե­կաւ ֆրան­սա­ցի հրա­մա­նա­տա­րը եւ մու­սա­լեռ­ցի­նե­րու հետ վերջ­նա­կան բնոյթ տո­ւաւ լեռ­նէն ծո­վափ իջ­նե­լու եւ մար­տա­նա­ւեր փո­խադ­րո­ւե­լու գոր­ծո­ղու­թեան։ ­Մարտն­չող հա­յոր­դի­նե­րուն պար­պու­մի գոր­ծո­ղու­թիւ­նը սկսաւ Սեպ­տեմ­բեր 12ին եւ տե­ւեց եր­կու օր։ ­Մինչ այդ ծո­վուն բա­ցե­րը հա­սած էին եւս ե­րեք մար­տա­նաւ` ­Տեսթ­րէ, Ա­մի­րալ ­Շար­նէ եւ ­Ֆոտ­րը։ ­Լե­րան գա­գա­թին, կռո­ւող խում­բեր հսկե­ցին թրքա­կան շար­ժում­նե­րուն վրայ, մին­չեւ որ նախ ժո­ղո­վուր­դը իջ­նէ ծո­վափ եւ տե­ղա­ւո­րո­ւի մար­տա­նա­ւե­րուն վրայ, ա­պա ի­րենք` վեր­ջին կռո­ւող­ներն ալ միա­ցան ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րուն եւ այդ­պէս մու­սա­լեռ­ցիք հե­ռա­ցան դէ­պի ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի բա­ցե­րը։
Այդ օ­րէն ի վեր, ա­մէն ­Սեպ­տեմ­բե­րի կի­սուն եւ Ս. ­Խա­չի տօ­նին ա­ռի­թով, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, բայց յատ­կա­պէս Այն­ճա­րի (­Լի­բա­նան) եւ ­Նոր ­Մու­սա ­Լե­ռի (­Հա­յաս­տան) մէջ, Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­կան հա­յու­թեան ժա­ռան­գորդ­նե­րուն հետ, ամ­բողջ մեր ժո­ղո­վուր­դը կ­’ո­գե­կո­չէ հա­յոց պատ­մու­թեան այս հպար­տա­ռիթ հե­րո­սա­մար­տին յի­շա­տա­կը` սե­րունդ­նե­րուն պատ­գա­մե­լով, որ պէտք չէ հա­ւա­տալ թրքա­կան կեղ­ծի­քին եւ պատ­րաստ պէտք է ըլ­լալ, ի հար­կին զէն­քի ու­ժով, դի­մադ­րե­լու ­Թուր­քիոյ ցե­ղաս­պա­նա­կան սադ­րանք­նե­րուն։

Փր­կու­թեան այլ ելք ծա­նօթ չէ հա­յոց պատ­մու­թեան։

Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­մար­տին 102րդ ­տա­րե­դար­ձը ա՛յդ պատ­գա­մը կը յու­շէ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն՝ ­Հայ­րե­նի բռնագ­րա­ւեալ հո­ղին տէր կանգ­նե­լու անվ­հատ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան մէջ կը կա­յա­նայ միակ ու ան­փո­խա­րի­նե­լի ե­րաշ­խի­քը հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­մին եւ լիար­ժէք վե­րա­կանգ­նու­մին։

Ն.

Եունեսքոն Կարելի Կը Նկատէ Հալէպի Հին Քաղաքին Վերականգնումը

$
0
0

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաձայն, Հալէպի հին քաղաքը, որ աւերուած է ՏԱՀԵՇ-ին հետ արիւնալի տագնապին ընթացքին, կարելի է վերականգնել: «Մեր գաղափարն է` վերականգնել հին քաղաքը նոյնինքն այն տեսքով ու քարով, որոնցմով գոյութիւն ունէր անիկա մինչեւ պատերազմը», նշած է Հալէպի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ներկայացուցիչ Մազեն Սամման` «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին: Անոր համաձայն, նախորդ վերականգման ընթացքին պահպանուած էին Հին քաղաքի միջնադարեան մզկիթներու, շուկաներու, բաղնիքներու եւ միջնաբերդերու մանրամասնութիւններուն ծրագիրները:

Միեւնոյն ատեն կը շեշտուի, որ այդ փաստաթուղթերը բաւարար չեն ամբողջ շրջանի վերականգնման համար: Հալէպի Հին քաղաքին նախկին տեսքը վերականգնելու առումով կը պահանջուին նաեւ «ներքին ջանքեր»: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մասնագէտները կը ծրագրեն արհեստաւորներու համար դպրոց բանալ, որպէսզի վերակենդանացնեն նախկին գիտելիքներն ու հմտութիւնները, որոնք պիտի նպաստեն Հին քաղաքի վերականգնման աշխատանքներուն: «Կը մտածենք արհեստաւորներուն համար դպրոց մը հիմնելու մասին», եզրափակած է Սամման:

Հալէպի մէջ խաղաղ կեանքի վերականգնումը կարելի դարձաւ, երբ սուրիական բանակը գործնականօրէն ամբողջութեամբ ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրեց նահանգը եւ շարժեցաւ դէպի Ռաքքա նահանգի կեդրոնը` Եփրատ գետին ուղղութեամբ, ազատագրելով բնակելի տարածքները ահաբեկիչներէն:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ մէջ զինեալ տագնապը սկիզբ առած է մարտ 2011 թուականէն ի վեր: ՄԱԿ-ի տուեալներուն համաձայն, այս ժամանակաշրջանին երկիրը աւելի քան 220 հազար զոհ տուած է:


Ռուս-Արեւմտեան Մրցակցութեան Նոր Սրացումներ

$
0
0

ՌՈՒԶԱՆ ԻՇԽԱՆԵԱՆ

Օգոստոսի սկզբներին Միացեալ Նահանգների նախագահ Տոնալտ Թրամփը վաւերացրեց Քոնկրեսի կողմից ներկայացուած` Ռուսաստանի Դաշնութեան (ՌԴ), Հիւսիսային Քորէայի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նկատմամբ գործող պատժամիջոցների փաթեթը ընդլայնող օրինագիծ: Վերջինիս մէջ զգալի տեղ է յատկացուած ՌԴ-ի նկատմամբ կիրառուող նոր տնտեսական սահմանափակումներին: Ամերիկեան կողմը դա մեկնաբանել է որպէս պատասխան 2016-ին Միացեալ Նահանգներում անցկացուած նախագահական ընտրութիւններին ռուսաստանեան յատուկ ծառայութիւնների միջամտութեանը: Դրանից զատ` առկայ է նաեւ ուքրանական հակամարտութիւնում ռուսական կողմի ազդեցութեան ու դերակատարութեան գործօնը:

Հայ քաղաքական ու տնտեսական փորձագէտներն իրենց մեկնաբանութիւններում ընդգծեցին, որ նման պատժամիջոցները, թէկուզեւ` անուղղակիօրէն, չեն կարող իրենց ազդեցութիւնը չունենալ նաեւ ՀՀ-ի վրայ: Եւրոպայից նոյնպէս ակնարկ եղաւ, որ տարածաշրջանը զերծ չի մնայ նման զարգացումների ազդեցութիւնից: Նախագահ Թրամփի նախաձեռնութիւնը որակուեց որպէս դասական ժողովրդավարութեան դրսեւորում, այն իմաստով, որ նա կեանքի կոչեց իր այն գաղափարը, որը չէին կիսում ո՛չ ամերիկեան խորհրդարանը, ո՛չ էլ նրա որոշ կուսակիցներ: Ըստ ամենայնի, Միացեալ Նահանգների նախագահի քայլը բաւականաչափ ռիսքային էր, ինչը պիտի յանգեցնէր ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններում մրցակցութեան նոր սրացման: Համաշխարհային այս երկու ուժային կեդրոնների միջեւ ահագնացող մրցակցութիւնը, բնականաբար, իր ազդեցութիւնը պիտի թողնի ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի վրայ, քանի որ երկու գերտէրութիւններն էլ այս հակամարտութիւնում միջնորդական առաքելութիւն իրականացնողներ են: Այս առումով, միանգամայն ուշագրաւ են երկու կողմերից հնչող յայտարարութիւններն ու մեկնաբանութիւնները:

Օգոստոսի 16-ին ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլանտը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ` յոյս յայտնելով, որ առաջիկայում հնարաւոր կը լինի կազմակերպել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահների հանդիպումը: Նա ասել էր, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորմամբ զբաղուող ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահներն աշխատում են Նիւ Եորքում ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի շրջանակում անցկացնել ՀՀ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործերի նախարարների հանդիպում: Յուսով ենք, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները շուտով կը վերսկսեն բանակցութիւնները, ընդգծել է նա եւ` յաւելել, որ նրանց հանդիպումը Նիւ Եորքում կազմակերպելու վերաբերեալ տեղեկատուութիւն առայժմ չկայ:

Այս անգամ էլ, ինչպէս միշտ, իրեն զգացնել տուեց ռուսական եւ ամերիկեան կողմերի միջեւ նախաձեռնութիւնների մրցակցութիւնը: Նոյն օրը «Իզվեսթիա» պարբերականը, վկայակոչելով ՌԴ արտաքին գործերի նախարարութեան իր աղբիւրը, իրազեկեց, որ Ռուսաստանը կը դառնայ Սարգսեան-Ալիեւ հերթական հանդիպման գլխաւոր կազմակերպիչը, որը պէտք է տեղի ունենայ  մինչեւ տարեվերջ:

Ռուս-արեւմտեան աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւնը թողնենք մի կողմ, քանի որ մեզ համար առաջնահերթ են ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտում հրադադարի պահպանումն ու ազրպէյճանական կողմի ռազմական սադրանքների կանխարգելումը: Այս առումով, անհրաժեշտ ենք համարում յետադարձ հայեացք գցել նախորդ տարուայ ընթացքում արձանագրուած գլխաւոր փաստերի վրայ: Նախ` Վիեննայում եւ Ս. Փեթերսպուրկում ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի չկոչուեցին Ազրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութեան պատճառով:

Փաստօրէն Պաքուն ԵԱՀԿ-ում արգելափակեց գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի խմբակի հնարաւորութիւնների ընդլայնման նպատակով պիւտճէական աւելացումները` խափանելով ԵԱՀԿ բոլոր մասնակից երկրների միջեւ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւնը: Ի տես միջազգային հանրութեան` պաշտօնական Պաքուն արհամարհեց շփման գծում միջադէպերի հետաքննութեան մեքանիզմի ներդրումը:

Միջնորդական ջանքերի շարքում կարեւոր տեղ է գրաւում անցեալ տարուայ դեկտեմբերին Համպուրկում ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործերի նախարարների խորհրդի 23-րդ նիստի շրջանակներում համանախագահ պետութիւնների պատուիրակութիւնների ղեկավարներ Սերկէյ Լաւրովի, Ճոն Քերրիի եւ Ժան Մարք Էյրոյի համատեղ յայտարարութիւնը: Դրանում կային մի քանի շեշտադրումներ, մասնաւորապէս ընդգծուած էր, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի:

Բացի այդ, համանախագահող երկրների արտաքին գործերի նախարարները կոչ արեցին կողմերին յարգել նախկին պայմանաւորուածութիւնները: Կարելի է ասել` յատուկ ազրպէյճանական կողմի համար շեշտեցին, որ հակամարտութեան հանգուցալուծումը պէտք է հիմնուած լինի միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքների` ուժի չկիրառման, ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքների վրայ:

Ի՞նչ արեց Ազրպէյճանը վերոնշեալ պայմանաւորուածութիւններից, յայտարարութիւններից ու կոչերից յետոյ: Շփման գծում նա շարունակեց հրադադարի ծաւալուն խախտումների եւ ռազմական սադրանքների փորձը: ԱՀ Պաշտպանութեան բանակի հաղորդագրութիւնների համաձայն, ամէն շաբաթ հակառակորդը հարիւրաւոր անգամներ խախտում է հրադադարը: Անցած դեկտեմբերին ազրպէյճանական զինուած ուժերի կողմից նոյնիսկ ՀՀ պետական սահմանին խափանարարական ներխուժման փորձ ձեռնարկուեց, ինչի կապակցութեամբ ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ` սադրանք որակելով ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութեան տարածքում տեղի ունեցածը:

Վկայակոչելով վերջին զարգացումները` անհնար է շրջանցել օգոստոսի 23-ին Սոչիում տեղի ունեցած Փութին-Սարգսեան հանդիպումը: Պաշտօնական աղբիւրների փոխանցմամբ, ՌԴ նախագահի խօսքում կարեւորուել են Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ ծաւալուն քաղաքական երկխօսութիւնը, երկկողմ համագործակցութիւնը` տնտեսութեան, անվտանգութեան եւ ռազմական ոլորտներում, ինչպէս նաեւ` աշխուժ փոխգործակցութիւնը միջազգային կազմակերպութիւնների եւ համարկման միաւորումների շրջանակներում: Այս հանդիպումից մէկ օր անց լրատուամիջոցները տարածեցին տեղեկատուութիւն Ուաշինկթընի արտերկրեայ լրագրողների մամուլի ակումբում ամերիկացի համանախագահ Ռ. Հոկլանտի հետ կայացած հանդիպման մասին, ինչը կապուած էր Մինսքի խմբում նրա աշխատանքի աւարտի հետ: Նա յիշեցրել է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման «6 հիմնական կէտերը», որոնք դեռեւս 2014-ին ներկայացրել է նախկին համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքը: Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը չի սկսուել նախկին խորհրդային հանրապետութիւնների անկախացումից յետոյ, այդ խնդիրը շարունակուել է տասնամեակներ, եթէ ոչ դարեր, ասել է նա: Ընդ որում, նա ղարաբաղեան խնդիրը տարբերակել է Աբխազիայի, Հարաւային Օսեթիայի եւ Մերձտնեսթրի հակամարտութիւններից: Կողմերը պէտք է սահմանեն ԼՂ վերջնական իրաւական կարգավիճակը` ապագայում փոխադարձ համաձայնութեամբ եւ իրաւական պարտաւորեցնող կամարտայայտմամբ:

Այդուհանդերձ, ըստ ամերիկացի համանախագահի, գոյութիւն չունի բեմագրութիւն, որում խաղաղութիւնը կարող է ապահովուած լինել առանց լաւ նախապատրաստուած խաղաղ գործողութիւնների, որոնք վայելում են կողմերի վստահութիւնը: Վկայակոչելով Մատրիտեան սկզբունքները, որոնք ընդունուել են որպէս հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հիմք, Հոկլանտն ասել է, որ սա երկարատեւ քաղաքականութիւն է եւ կապուած չէ այս կամ այն համանախագահի հետ:

Հարկ է նկատել, որ Հոկլանտը, լաւ պատկերացնելով հակամարտող կողմերի դիրքորոշումների անհամատեղելիութիւնը, ստիպուած էր իր խօսքում ընդգծել, որ եթէ կողմերը համաձայն չեն առաջարկուող ծրագրի առանձին կէտերին, գոնէ համաձայն են քննարկել այն: Նրա կարծիքով, հէնց դա է կարեւորը:

Հանդիպմանը ներկայ ազրպէյճանցի լրագրողներին անհանգստացրել է այն փաստը, որ ամերիկացի համանախագահի ներկայացրած կէտերում ոչինչ նշուած չէր Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մասին: Կարծում ենք` դիւանագիտական այս հնարքն ինքնանպատակ չէր. միջնորդական առաքելութեամբ զբաղուող իւրաքանչիւր լուրջ գործիչ պարտաւոր է տեղ թողնել արցախեան կողմի համար: Ոչ միայն նա, այլեւ միւս համանախագահները քաջատեղեակ են պաշտօնական Ստեփանակերտի դիրքորոշմանը, համաձայն որի, առանց Արցախի Հանրապետութեան անմիջական մասնակցութեան` հնարաւոր չէ պատկերացնել հակամարտութեան հանգուցալուծումը եւ առհասարակ որեւէ փաստաթղթի ստորագրումը:

Վերոշարադրեալն ամբողջացնելու նպատակով յատուկ ընդգծենք, որ, այսպէս կոչուած, Մատրիտեան սկզբունքներն իրենց սպառել են ապրիլեան պատերազմից յետոյ, երբ ազրպէյճանական վայրագութիւններին ականատես միջնորդների համար ընկալելի է դարձել Արցախի ժողովրդի անվտանգութեան ապահովման առաջնահերթութիւնը: Իսկ դա այն հարցն է, որը ձեւափոխման չի ենթարկւում անգամ համաշխարհային ուժային կեդրոնների մրցակցութեան սրացումների պարագայում:

 

 

Սերժ Մուրատեան Կ՛ըմբոստանայ Հայկական Սփիւռքին Դէմ

$
0
0

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Ա.

Բ.

Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր Սերժ Մուրատեանի հետ մեր ունեցած զրոյցին արտագրումը համակարգիչիս մէջ կը սպասէր յօդուածի վերածուելու: Հարցազրոյցներու արտագրութիւնն ու յօդուածի վերածուիլը մեքենաբար տեղի կ’ունենան, քանի որ հոն գոյութիւն ունին երկու կողմ` հարցում եւ պատասխան, իսկ անոր բովանդակութիւնը յստակօրէն ունի սկիզբ եւ աւարտ: ԲԱՅՑ այս անգամ, մանաւա՛նդ այս անգամ, Սերժ Մուրատեանին հետ հանդիպումը անկարելի էր դասական կերպով մեքենաբար յօդուածի վերածել: Արդարեւ, մեր միջեւ տեղի ունեցած զրոյցը ոչ թէ թերթի մը յօդուածի, այլ պատմութեան եւ կամ ազգագրութեան էջերուն յանձնուելիք իրողութիւն մըն է: Իւրայատուկ չէ անշուշտ Սերժ Մուրատեան երեւոյթը պատմութեան մէջ, ուր ունեցած ենք ինքնաշխատութեամբ զարգացած հայեր, որոնք իրենց յատկանշական ներդրումն ալ ունեցած են մեր պատմութեան մէջ, բայց Սերժ Մուրատեանին` հայոց լեզուի, գրականութեան, հայոց պատմութեան եւ այլ հայկական իրականութեան անցուդարձերու հետաքրքրութիւնը 21-րդ դարու ընծայած բարքերուն ներքոյ գրեթէ անգտանելի է:

Գ.

«Ես Վլատիկավկազ ծնած ու ապրած եմ, Ռուսիա: Հայրս միշտ կ՛ըսէր ինծի, որ պէտք է հայերէն սորվիմ, հայոց պատմութիւնը իմանամ: Կ՛ըսէր` այս ընտանիքէն գոնէ մէկ հոգի հայերէն պէտք է գիտնայ: Մեր կողմերը հայկական վարժարաններ չկան. կայ միօրեայ վարժարան, ուր յաճախեցի 18 տարեկանիս: Երբ սկսայ յաճախել, մէկ բառ հայերէն խօսիլ չէի գիտեր, միայն գիտէի, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «բարեւ» եւ ատոր համար առաջին օրը միայն այդ բառը հասկցայ: Անշուշտ միշտ ալ գիտէի, որ հայ եմ, բայց ատոր նշանակութիւնը չէի ըմբռնած մինչեւ հայոց լեզուին հետ դէմ յանդիման գտնուիլս: Այդ միօրեայ վարժարանին մէջ էր, որ տեսնելով Մեսրոպ Մաշտոցին նկարը, առաջին անգամ լրջօրէն մտածեցի ինքնութեանս մասին, անցեալիս մասին եւ իմ հայերէն սորվելուս կարեւորութեան մասին: Ամչցած էի, որ հայերէն տառերը ինծի համար տարօրինակ գիրեր թուած էին առաջին անգամ, մինչ պէտք էր շատ հարազատ ըլլային անոնք ինծի, քանի որ իմս էին: Երբ սկսայ յաճախել, այս միօրեայ վարժարանը, յունուար ամիսն էր, եւ արդէն աշակերտները այբուբենին գրեթէ կէսը սորված էին, հետեւաբար ուսուցիչս զգուշացուց զիս` ըսելով, որ պիտի չկարենամ քայլ պահել միւսներուն հետ: Ասոր պատասխանս եղաւ` «Վնաս չունի, կը փորձեմ»: Փաստօրէն, քանի մը ամիս ետք ան ինծի մօտեցաւ եւ ըսաւ, որ պէտք է անպայման շարունակեմ սորվիլ եւ կարդալ հայերէն: Բարձր գնահատեց իմ յառաջդիմութիւնս եւ նոյնիսկ նախքան Ռուսիայէն ճամբորդելը, իր հայերէն գիրքերը ինծի նուիրեց: Անշուշտ այս կիրակնօրեայ վարժարաններուն ընծայած շաբաթը մէկ-երկու ժամը որեւէ խոստմնալից արդիւնք չի տար, եւ աշակերտը լեզուին չի կրնար տիրապետել, մանաւանդ` Ռուսիոյ մէջ, ուր հայերէնը առօրեայ գործածութիւն չունի, ատոր համար ջանք պէտք էր թափէի ու ինքնաշխատութեամբ սորվէի լեզուն եւ նոյնիսկ հայոց պատմութիւնը»:

«Հայերէնին եւ հայերուն մասին հետաքրքութիւնս սկսած էր զարգանալ: Որոշ բառամթերք մը ապահովելէ ետք ծանօթացայ «Ազդակ»-ին: Ազատ ժամերուս «Ազդակ» կը կարդայի, «Վանայ ձայն» մտիկ կ՛ընէի եւ «Օ. Թի. Վի.»-էն հայկական լուրերը կը դիտէի: «Ազդակ» շատ օգնեց ինծի, որ զարգացնեմ բառապաշարս, իսկ լուրերը լսելով` ես սորվեցայ բառերուն հնչիւնները: Այն ատենէն ինծի շատ հետաքրքրած էր Պուրճ Համուտը եւ անոր պատմութիւնները, մանաւանդ` պատերազմի ընթացքին անոր բռնած դրական չէզոքութիւնը, որուն մասին կարդացեր էի Աշոտին ինծի նուիրած` «Լիբանանի տղաքը» գիրքին մէջ: Այս բոլորէն ետք ուզեցի Պուրճ Համուտ գալ եւ աչքովս տեսնել ու շօշափել իրականութիւնները, այցելել թաղերը, ակումբները:

«Ազդակ»-ի բոլոր բաժինները կը կարդամ, անշուշտ կան յօդուածներ, որոնց բառամթերքը քիչ մը բարդ է ինծի համար, բայց չեմ զզուիր: Ինծի համար «Ազդակ»-ը դպրոց մըն է, եւ իմ սորվածներուս 90 տոկոսը անոր կը պարտիմ. իմ ամբողջ բառամթերքս, գրելաոճս «Ազդակ»-էն սորված եմ: Ամէն օր ժամը 11-ին կայքը կ՛այցելեմ եւ կը կարդամ: Համացանցի վրայ հայկական կայքեր, աղբիւրներ փնտռած ատենս հանդիպած էի Համազգայինի կայքին ու անոր միջոցով ծանօթացած` տիկին Արին Գալուստեանին: Անոր ներկայացնելէ ետք ինքզինքս, յայտնած էի «Ազդակ» աշխատելու փափաքիս մասին: Տիկին Գալուստեանը այն ատեն ինծի յայտնած էր, թէ ինք այդ ոլորտին հետ կապ չունի եւ` առաջարկած, որ Հայաստան տեղի ունեցող Համազգայինի Ֆորումին մասնակցութիւնս բերեմ: Այս լուրը ծնողքս շատ ուրախացուցած էր, քանի որ անոնք միշտ ինծի պատուիրած են միշտ ապրիլ հայերէնով եւ մօտենալ հայերէնին, իսկ ինծի համար վերջապէս առիթ մըն է հայրենակիցներուս եւ ազգակիցներուս հետ նստելու, տեսնուելու եւ հայրենիք երթալու: Ֆորումին ընթացքին ես ծանօթացայ շատ հայերու, որոնց հետ ընկեր եմ մինչեւ այսօր եւ Լիբանան կեցութեանս ընթացքին անոնք ինծի շատ լաւ հոգ տարին ու կը պտտցուցին: Շատ ուրախ եմ անոր համար: Կրնամ ըսել, որ ներկայիս բաւական թիւով հայ ընկերներ ունիմ` շնորհիւ ընկերային ցանցերուն եւ ելեկտրոնային հաղորդակցութեան միջոցներուն, բայց դժբախտաբար անոնց ֆիզիքական ներկայութիւնը չեմ վայելեր: Ես Ռուսաստան հայ բարեկամներ չունիմ, իսկ հայախօս բարեկամներ` բնաւ: Մենք մեր տան մէջ հայերէն չենք խօսիր, բայց իմ հայերէն սովիլս կը պարտիմ հօրս եւ անոր յորդորներուն: Սկիզբը ես չէի հասկնար` ինչո՛ւ հայրս այդքան կը պնդէր, որ հայերէն սորվիմ, երբ ինք չի խօսիր, բայց յետոյ հասկցայ եւ ատիկա Աստուծոյ հրաշքին կը վերագրեմ, որովհետեւ ուրիշ բացատրութիւն մը չունի»:

«Հայերէն սորվիլս քիչ մը դասական էր: Այսինքն առաջին հերթին ես Աստուածաշունչը հայերէնէ ռուսերէնի թարգմանեցի: Տետրակ մը ունէի, որուն մէջ երկու սիւնակ գծած էի եւ իւրաքանչիւր անծանօթ հայերէն բառին դիմաց ես բառարանի օգնութեամբ անոր համապատասխան ռուսերէնը կը գրէի: Յետոյ նոյնը ըրի «Ազդակ» կարդալով: Հիմա կրնաս ըսել, որ ինծի համար բառարան ունիմ` հայերէնէ ռուսերէնի: Անշուշտ ներկայիս հայերէն ընթերցումներուս համար բառարանի օգտագործութեան այնքան պէտք չունիմ, որքան առաջ: Առաջին երեք տարիները օրական նուազագոյնը մէկ- երկու ժամ եւ առաւելագոյնը չորս-հինգ ժամ կը տրամադրէի այս աշխատանքին: Արձակուրդի օրերս երբեմն ամբողջութեամբ կը նուիրէի ասոր: Չեմ կրնար ըսել, որ կատարեալ հայերէն կը խօսիմ, բայց շատ յառաջացած եմ եւ կը շարունակեմ սորվիլ: Ես «Ազդակ» կարդալով` ոչ միայն հայերէն սորվեցայ, այլ նաեւ զարգացայ` տեղեկանալով ներկայ շատ մը խնդիրներու մասին` քաղաքական, ընկերային, տեղական, մանաւանդ Հայ դատի մասին: Ասիկա շատ կարեւոր է ինծի համար: Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան մասին շատ տեղեկութիւն ունիմ, քանի որ ամէն օր «Ազդակ» կը կարդամ: Կարդացած եմ նաեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին մասին գիրքը եւ շատ հիացած եմ լիբանանահայութեան յանձնառու եւ յանդուգն կեցուածքով: Լիբանանահայ երիտասարդները շատ տպաւորած են զիս, եւ ես խանդավառ եմ անոնցմով: Իսկ հայոց պատմութիւնը սորված եմ զանազան աղբիւրներէ, մանաւանդ` յեղափոխական գրականութենէ:

«Ըսեմ, որ Հայաստանէն Ռուսաստան արտագաղթած են մեծ թիւով հայեր, որոնք հիմնականօրէն մայրաքաղաքը կամ Ս. Փեթերպուրկ կ՛ապրին ու կ՛աշխատին: Անոնց պարագան տարբեր է, որովհետեւ անոնք հայրենիք ունին եւ Ռուսաստան կը գտնուին տնտեսական պայմաններու բերումով, բայց իմ պարագաս ձեր պարագային պէս է. ես Ցեղասպանութեան հետեւանք եմ, եւ իմ հայրենիքս Մուշն է: Կը հասկնա՞ս: Իմ հոգեվիճակս տարբեր է, անոնց հոգեվիճակը տարբեր է: Ես յամառօրէն արեւմտահայերէն կը գրեմ ու կը խօսիմ: Թէեւ Ռուսաստան շատ առիթ չունիմ հայերէնով արտայայտուելու, բայց նոյնիսկ երբ առիթ ունենամ խօսելու մեր եկեղեցւոյ քահանային հետ, որ Հայաստանէն է, ես արեւմտահայերէն կը խօսիմ անոր հետ:

Դ.

——————————————————-

Ընտանիքս 1915-ին, Ցեղասպանութեան ժամանակ,  Մուշէն գաղթած է Վրաստան եւ 1916-ին հաստատուած է Վլատիկավկազ, որ իմ ծննդավայրս է: Բնականաբար անոնք միակ մշեցիները չեն եղած, այլ ամբողջ շրջանը բնակուած եղած է մշեցիներով, որոնք կը խօսէին Մշոյ բարբառը: Ներկայիս անոնք Վլատիկավկազէն գաղթած են, հաւանաբար` Ռուսաստանի միւս շրջանները կամ արտասահման: Մեծ հօրս հայրը` Ազատը, որ կը պատմեն, թէ 1915-ին, Արաքս գետը կտրած ժամանակ ծնած է, Վլատիկավկազի մէջ ապրելով` պսակուած է հարսեցիի մը հետ (Կարսեցի). հարսեցի հարսիկը չհասկնալով Մշոյ բարբառը, տան մէջ սկսած է օգտագործուիլ պարզ հայերէնը: Ազատը իր ծնողքին հետ Մշոյ բարբառով հաղորդակցած է, իսկ կնոջ հետ` գրական հայերէնով: Անոնցմէ ծնած է մեծ հայրս, որ պսակուած է յոյնի մը հետ: Այս պսակով հայերէն հաղորդակցութիւնը սկսած է աստիճանաբար կորսուիլ: Իմ մայրս ալ Մշոյ արմատներ ունի, նաեւ Նարմեցի է:

——————————————————-

Ե.

«Ես բնաւ համաձայն չեմ անոնց հետ, որոնք կ՛ըսեն, թէ սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութիւն պահպանելը հնարաւոր չէ: Ես մամուլէն կը կարդամ ասոր մասին եւ գիտեմ, որ շատ դժուար է: Վերջերս շատ աղուոր ժապաւէն մը տեսայ, «Խենթի մը պատմութիւնը» (Une Histoire du Fou) եւ անոր մէջ Յովհաննէսը իր զաւակին` Արամին, կ՛ըսէ, որ ես իմ Հայաստանս պահեցի հայերէն խօսելով, հայկական ճաշեր ուտելով, հայկական շուրջպար պարելով. արդեօք ասիկա հայկական ինքնութեան պահպանում չէ՞: Ես կը հասկնամ, որ մարտահրաւէրները շատ են սփիւռքի մէջ հայ մնալու, բայց չի նշանակեր, որ պէտք է հրաժարինք: Կը հաւատամ, որ հաւատքով, վճռակամութեամբ եւ ինքնաշխատութեամբ կը դիմագրաւենք բոլոր դժուարութիւնները: Ես չեմ ակնկալեր բոլորէն, որ ինծի պէս իրենց ժամանակը տրամադրեն հայերէն սորվելու եւ հայոց պատմութիւն ուսումնասիրելու, բայց կ՛ակնկալեմ, որ որեւէ յանձնառու հայ երիտասարդ նուազագոյն գիտակցութիւնը ունենայ ատոր անհրաժեշտութեան»:

«Ոմանք ինծի կ՛ըսեն, որ անցեալով կ՛ապրիմ, բայց ես ալ անոնց հարց կու տամ, որ ինչպէ՞ս կարելի է առանց մեր անցեալը գիտնալու յառաջանալ: Ապագային նայելու համար պէտք է պաշար մը ունենալ, չէ՞: Անցեալին չնայողները դժբախտաբար նաեւ չեն հաւատար, որ օր մը Հայ դատը կրնայ լուծումի յանգիլ: Ես հանդիպած եմ մարդոց, որոնք կ՛ըսեն, թէ հարիւր տարուան մէջ ոչ մէկ տեղ հասանք, ուրեմն ասկէ ետք ալ անիմաստ է: Անոնք քաղաքական վերլուծումներ կ՛ընեն յաճախ սխալ եւ ոչ մտածուած, բայց ասիկա կու գայ անտարբերութենէ եւ հաւատքի պակասէ: Եթէ ես անտարբեր ըլլայի իմ անցեալիս նկատմամբ, օրին մէկը պիտի չսորվէի արեւմտահայերէն եւ պիտի ձուլուէի: Անշուշտ չենք կրնար անտեսել արհեստագիտութեան զարգացումը եւ պէտք է յարմարինք 21-րդ դարուն տուած դիւրութիւններուն, բայց` բնաւ չկորսնցնելով մեր անձերն ու ինքնութիւնը: Դժբախտաբար Արեւմուտքի արժէքները շատ թափանցեցին մեր կեանքին մէջ, եւ դրամատիրութիւնը կը կլլէ մեր կեանքը»:

«Բայց այս բոլորը չեն իրականանար, երբ երիտասարդը պարտադրուած կերպով սորվի հայոց լեզուն եւ մշակոյթը: իմ բարեամներս ու ազգականներս ինծի միշտ կ՛ըսեն, որ պէտք է ինձմէ վեց տարի փոքր եղբօրս հայերէն սորվեցնեմ, բայց անիկա պիտի չուզէ սորվիլ, մինչեւ որ ինքը գիտակցի ատոր, թէկուզ ես կենդանի օրինակ ըլլամ իրեն համար: Երիտասարդը ի՛նք պէտք է գիտակցի իր ինքնութեան համար տարուած աշխատանքին անհրաժեշտութեան, ապա թէ ոչ բռնազբօսիկ եւ ապարդիւն կ՛ըլլայ»:

«Եթէ ես խօսքս ուղղեմ հայ երիտասարդներուն, որոնք հեռու են հայկականութենէն, ի՞նչ պիտի հասկնան անոնք: Երանի կարենանք ստեղծել այն մթնոլորտը, որ անոնց ինքնաբերաբար կը մօտեցնէ ինքութեան: Ես կը հաւատամ ինքնաշխատութեան եւ հաւատքի զօրութեան ու վճռակամութեան»:

Զ.

Երբ առաջին անգամ լսեցի Սերժ Մուրատեանին մասին, բնաւ չխանդավառուեցայ: Առաջին հակազդեցութիւնս եղած էր` «Ահլա ու սահլա» (բարի եկար), քեզի պէս շատեր հայկական արմատներուն կը վերադառնան, զզուեցանք այս նիւթէն», բայց փաստօրէն սխալած էի դատողութեանս մէջ: Սերժ Մուրատեանին հայոց լեզուն եւ մշակոյթը սորվիլը իր երիտասարդ տարիքին գնահատելի է ոչ միայն անոր համար, որ ինք հայացաւ, այլ` անոր համար, որ յանդգնեցաւ ըմբոստանալ սփիւռքը ոչնչացման դատապարտողներու ալիքին դէմ եւ ջնջել սփիւռքահայերուս ճակատին դրոշմուած ձուլման խարանը: Յեղափոխութիւն մը:

Կրնանք մտածել, որ Սերժ Մուրատեանը օրէնքին բացառութիւն է եւ անոր կենցաղավարութեան օրինակը որեւէ մէկ ազդեցութիւն չձգէ մեր վրայ: Եւ կամ կրնանք վերանայիլ սփիւռքահայուն, սփիւռքին եւ երիտասարդ սերունդին ուղղած մեր դիտողութիւնները, վերաքննել մեր կեցուածքները եւ հասկնալ, որ բոլորս ալ, հին թէ նոր սերունդ, ներդրում ունինք ներկայիս մեր ունեցած սփիւռքեան իրականութեան մէջ: Դիւրին է միշտ մեզմէ դուրս գտնել ձախողութեան մը պատճառը, եւ ինքնաքննութիւնը քաջութիւն կը պահանջէ: Սերժ Մուրատեանը ունեցաւ այդ յանդգնութիւնը` շնորհիւ իր ծնողքին մղումին: Ան մոմ մը վառեց խաւարին մէջ:

 

————————-

Ձօն Լիբանանահայութեան

Լիբանանահայ գաղութ` սփիւռքի կեդրոն,
Հայ խնդիրներուն հանդէպ` միշտ արթուն ու զգօն,
Իր կողքին ունենալով վեհ Դաշնակցութիւն,
Պատուով կը յաղթահարէ վտանգ ու փորձութիւն:
Հայրենիքէն վտարուելով` դուք եկաք Պէյրութ,
Քրտինքով ու ճիգով կերտեցիք Պուրճ Համուտ,
Օտարին հողին վրայ դուք չվհատեցաք,
Ինքնութիւն եւ դիմագիծ ամուր պահեցիք:
Կեանքի դաժան պայմաններ դիմագրաւելով`
Ցոյց տուեցիք հայավայել կամք ու կորով:
Հայ դատի հետապնդման դուք ճամբան բացիք,
Ահաւոր, ուժգին հարուած թուրքին հասցուցիք:
Լիբանանեան պատերազմը բոլորին փաստեց
Գաղութը պաշտպանելու ձեր յանձնառութիւն մեծ.
Արցախեան պայքարին մէջ ձեր մասնակցութիւնը
Հայ ժողովուրդին տուաւ մեծ ոգեւորութիւն:
Ու բոլոր ճակատներուն միշտ առաջնորդող,
Ձեր գաղութը հայութեան սիրտը բաբախող:
Բայց այսօր տագնապ ունինք` նոր վերսկսած
Արցախին անգամ մը եւս թուրքն է սպառնացած,
Ինչպէս անցեալին ըրիք, այսօր կրկնեցէք
Հայութեան պայքարի դրօշը բարձր պահեցէք:

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

 

 

Տեսակէտ. Մտամարզա՞նք, Թէ՞ Կենցաղակերպ (Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համահայկական Համաժողով)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Հաւանաբար պիտի չգրուէին ստորեւ ներկայացուած տողերը, եթէ երբեք աչք ծակող երեւոյթներ, անհաճոյ կացութիւններ եւ յամեցող մտահոգութիւններ տակաւ նուազէին, եւ մենք ազգովին գտնուէինք բաղձալի իրավիճակներու, պատուաբեր նուաճումներու եւ ազգային իրաւ զարթօնքի մը դէմ յանդիման:

Զարթօնք, որ պիտի ընդգրկէ հայութեան (սփիւռք-հայրենիք) կեանքը օղակող բոլոր բնագաւառներն ու ամենայետին մանրամասնութիւնները:

Խօսքը, անշուշտ, չի վերաբերիր հայրենի հողին ու ջուրին, ժողովուրդին ու մշակոյթին, գիր ու գրականութեան, հայ բանուորին ու հանճարին, այլ ուղղակիօրէն կ՛առնչուի հայ պետականութեան, որուն գոյութիւնը, աւելի քան 25 տարի է, ըլլալով մեծագոյն մխիթարանքն ու դարաւոր երազի մը ճշմարիտ արտայայտութիւնը, տակաւին կը շարունակէ մնալ բոլորիս ակնկալութիւններու կիզակէտը`, այն առումով, որ Հայաստանը է՛ ու պիտի մնա՛յ ամբողջ հայութեան սիրտն ու միտքը, ապաւէնն ու ապագայակերտ կռուանը:

Այսինքն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր բովանդակ իմաստով անփոխարինելի եւ մշտնջենական օրրանն է, հայոց յաւերժութիւնը պահպանող եւ պաշտպանող`  նուիրական ամրոցն ու կաճառը: Այսուհանդերձ, անկեղծ ասած, առկայ է յոռետեսութիւնն ու փոխադարձ վստահութեան պակասը, զիրար ըմբռնելու եւ ընկալելու ոչ բաւարար մօտեցումը:

Ճիշդ է, տարիներու թաւալքին հետ ականատես եղանք բազմաթիւ եւ բազմաոլորտ յաջողութիւններու եւ նուաճումներու, սակայն հրամայական պահանջը կը մնայ այն, որ ժամանակի դաժան գլանին հետ միատեղ` հայ քաղաքական միտքն ու պետականութիւնը գտնուին ինքնաբիւրեղացման ճանապարհին եւ ամէն քայլափոխի ցոյց տան փոփոխութիւններու եւ թափանցիկ գործելակերպերու եղանակներ, որոնք ըստ էութեան պիտի գնահատուին ազգի բաղադրիչ հանրութեան կողմէ:

Իրօք, սրտցաւ եւ ապագայատես իւրաքանչիւր սփիւռքահայու համար հայրենի հողն ու պետականութիւնը ոչ մէկ ատեն սակարկութեան առարկայ է դարձեր, եւ այս մօտեցումով միշտ ալ իրերայաջորդ սերունդներ ցոյց տուած են իրենց սէրն ու յարգանքը, հաւատքն ու օժանդակելու պատրաստակամութիւնը:

Արդ, որպէսզի մենք ալ մեր կարգին ձերբազատինք յոռետեսական մտածումներէ, սեւով ճերմակին կը յանձնենք մտորումներու ծաղկաքաղ մը, որ խորքին մէջ հրաւէր մըն է ազգովին ձերբազատելու անհաճոյ մտամարզանքներէ եւ անհոգի կենցաղակերպէ եւ գէթ անգամուան մը համար բարձրաձայնելու, հայ պետականութեան ամպիոնէն, թէ ա՛լ վերջ գտած են կարգախօսերու եւ տկլոր մտայնութեան շքերթները, ապազգային եւ բռնազբօսիկ գործելու եղանակները, եւ անոնց փոխարէն հայ պետական միտքը պիտի նախաձեռնէ ազգային զարթօնքի մը, որուն առանցքը հայաստանակեդրոն աշխատանքներու բացարձակ աշխուժացումն է:

Այլ խօսքով` հայահաւաքի սրբազան աշխատանքը, որ կրնայ իրականութիւն դառնալ բացառապէս հայու հանճարով եւ նիւթական կարելիութիւններով:

Այս առիթով, յստակացնել է պէտք, որ Հայաստան-սփիւռք համահայկական ժողովներու թէ սեմինարներու այլատեսակ պատկերները չեն, որ պիտի խանդավառեն մեզ, այլ` արդի կեանքի պահանջներուն համահունչ աշխատելաձեւերը, թափանցիկ գործունէութիւնը, ժողովրդավար ըմբռնումներն ու օրէնքի պետութիւն կերտելու նախանձախնդիր ոգին:

Հայ պետականութիւնն ու քաղաքական միտքը, ճիշդ է, որ զգացականութեամբ, հաճոյակատարութեամբ կամ լոզունքներով չի կրնար յառաջդիմել, այդուամենայնիւ, հայութեան հզօրագոյն զէնքն ու ապաւէնը իր ազգային արժանապատուութիւնն է, անոր տիրութիւն ընելն է, որով պարտութեան կը մատնուին թշնամի հորդաներ թէ զազիր թուրք-ազերիներ:

Նպատակայարմար պիտի ըլլար այն, երբ նման ժողովներու ներկայանային այնպիսի լիազօր խորհուրդներ թէ մարմիններ, որոնք յետ գիտական քննարկումներու թէ ուսումնասիրութիւններու ներկայացնէին համապատասխան առաջարկութիւններ եւ գործնական լուծումներ: Իսկ հայ պետութեան վերապահուէր անոնց անյապաղ իրագործումը:

Ահա՛ մարտահրաւէրը:


 

 

Միջին Արեւելքը` Տէր Զօրի Ազատագրումէն Ետք

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Տէր Զօրը` ազատագրուած… Կը յիշեմ 2009 թուականը, երբ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներով այցելեցինք Տէր Զօր, անապատ մը, որուն տաք աւազը մօտ մէկ դար առաջ շաղախուած էր հայ գաղթականներու արիւնով: Բազմաթիւ պատմութիւններ լսած ենք գաղթականներու տառապանքներուն մասին: Մարդիկ, որոնք օրերով եւ ամիսներով այդ անապատին մէջ տեսած են անմարդկային տանջանքներ, սակայն դիմադրած են բոլոր դժուարութիւններուն: Կրնամ ըսել, որ բախտաւոր եմ Տէր Զօրի յուշամատուռը այցելած ըլլալուս համար: Սրբավայր մը, որ այլեւս գոյութիւն չունի, որովհետեւ սեպտեմբեր 2014-ին ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչները պայթեցուցին զայն, սակայն չկրցան ջնջել անոր յիշողութեան

2017 ձմրան սուրիական բանակը յայտարարեց Տէր Զօրի ազատագրման գործողութեան սկիզբի մասին: Մօտ 3 տարիէ ի վեր սուրիական բանակային զօրամաս մը ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ պաշարուած էր Տէր Զօր քաղաքին մէջ, եւ վերջապէս անցեալ շաբաթ սուրիական բանակային ուժերը, ռուսական օդուժին օգնութեամբ, ազատագրեցին քաղաքը: Այս դէպքը Սուրիոյ աշխարհաքաղաքական քարտէսին եւ շրջանային քաղաքականութեան վրայ հսկայ արձագանգ մը յառաջացուց:

Իրանի արտաքին քաղաքականութիւնը դարձեալ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ  Իրան ճամբայ բացաւ Պաղտատէն Տէր Զօր, ապա` Դամասկոս եւ դէպի Պէյրութ, այսպիսով իր քաղաքական դիրքը ամրապնդելով եւ ցամաքային ելք ունենալով դէպի Միջերկրական ծով` Հըզպալլայի միջոցով: Ռուսիոյ համար ասիկա դարձեալ քաղաքական յաղթանակ մըն էր, որովհետեւ այսպիսով Ռուսիա յստակ պատգամ մը հասցուց աշխարհին եւ մանաւանդ Միացեալ Նահանգներուն, որ Ռուսիոյ քաղաքական եւ ռազմական ներկայութիւնը այլեւս վիճելի չէ սուրիական տարածքին:

«Ալ Մոնիթոր»-ի լրագրող Ալի Ռըզք այս գործողութիւնը կը նկատէ ռազմավարական յաղթանակ, որովհետեւ սուրիական բանակը շրջանը ազատագրեց  քանի մը ռազմական ճակատներէ, եւ ամէնէն կարեւորը` Ռաքքայի ճամբով, ուր փակեց ճանապարհը դէպի Տէր Զօր քաղաք քրտական ուժերու որեւէ յառաջխաղացքի: Միացեալ Նահանգներ մտադիր էին, որ իրենց դաշնակիցը` Սուրիական ժողովրդավարական բանակը շուտով ազատագրէր Ռաքքան, ապա ուղղուէր դէպի Տէր Զօր, սակայն ասիկա տեղի չունեցաւ, եւ Ռուսիա ծանօթ ըլլալով Ամերիկայի ծրագիրին` աւելի շուտ շարժեցաւ:

Այսպիսով, Ամերիկայի ի գործ դրած բոլոր ճնշումները, որ փակէր Իրանէն դէպի Դամասկոս ճամբան, ապարդիւն անցան: Սուրիոյ մէջ Իսրայէլի դերակատարութիւնն ալ նուազեցաւ. անցեալ շաբաթ Անգլիա յայտարարեց, որ իր ռազմական օժանդակութիւնը պիտի կասեցնէ սուրիական ընդիմադիր ուժերուն, որոնք կը գտնուին երկրին հարաւը` Յորդանանի սահմանին մօտ: Այսպիսով, կը մնայ Սուրիոյ հիւսիսը, որ տակաւին ամբողջութեամբ կառավարական ուժերուն հակակշիռին տակ չէ: Իտլիպը տակաւին Ժապհաթ Նուսրայի եւ թրքամէտ այլ զինեալ ուժերու ձեռքին տակ է, եւ շատ հաւանական է, որ ապագային Թուրքիա զիջի այս տարածքը սուրիական կառավարութեան, եթէ նախագահ Ասատ համաձայնի Թուրքիոյ հետ գործակցաբար վերջ տալ քրտական կիսանկախ շրջաններուն, որոնք Միացեալ Նահանգներու հսկողութեան տակ են: Սակայն «Շարք Աուսաթ» օրաթերթը «Իրանական-թրքական համաձայնութիւն` Ռուսիոյ հովանաւորութեամբ. Իտլիպի դիմաց` հարաւային Դամասկոսը» խորագիրով յօդուածի մը մէջ կը նշէ, թէ շատ հաւանական է, որ թրքական ուժերուն եւ Թուրքիոյ քաղաքական ազդեցութիւնը երկարաձգուի Իտլիպի մէջ, պայմանաւ որ սուրիական ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումները քաշուին հարաւային Դամասկոսէն եւ յանձնեն շրջանը կառավարական ուժերուն, այսպիսով մայրաքաղաքը եւ անոր շրջակայքը կ՛ըլլայ կառավարութեան ազդեցութեան տակ: Հոս նաեւ կարեւոր է նշել, որ Սայիտա Զէյնապի շրջակայքը տակաւին կը մնայ ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ, հետեւաբար թէ՛ Իրանի եւ թէ՛ Հըզպալլայի համար այս համաձայնութիւնը կրօնական եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունի:

Հաւանաբար շատեր, որոնք կը կարծէին, թէ Տէր Զօրէն ետք Իտլիպի ուղղութեամբ պիտի սկսի սուրիական կառավարական ուժերու զինուորական գործողութիւն մը, պէտք է անդրադառնան, որ ներկայիս Ռուսիա կարիքը ունի Թուրքիոյ, որպէսզի արգիլէ որեւէ նախայարձակում` Իտլիպէն Լաթաքիոյ կամ Հոմսի վրայ, մինչ սուրիական ուժերը տարածուած են երկրի արեւելեան սահմաններուն մօտ: Փութին ամէն ջանք պիտի թափէ, որ Միացեալ Նահանգներու ազդեցութիւնը ոչնչացնէ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ, որոնք կը գտնուին քրտական ջոկատներու տիրապետութեան տակ: Ըստ երեւոյթին, Սուրիա ունի ընտրութեան հարց` երկու ճակատներու միջեւ. կա՛մ հիւսիսային ճակատը եւ երկար պատերազմ մը քիւրտերուն հետ, եւ այս պարագային` Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ բախում, կա՛մ ալ հարաւային ճակատը` Տարաայի եւ Թանֆի շրջանները, ուր սուրիական ընդդիմութիւնը որբ մնացած է:

Yeghia.tash@gmail.com

 

 

Փոքր Ճշդումներ` Մուսա Լերան Ժողովուրդին Եւ Պատմութեան Առնչուող

$
0
0

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Ժամանակի ընթացքին կարգ մը սխալ  տեղեկութիւններ կրնան  տարածուիլ որեւէ  ընկերութեան մէջ: Այս մէկը անշուշտ «բնական» երեւոյթ կրնայ նկատուիլ: Այս երեւոյթը  կրնայ պատահիլ որեւէ ժողովուրդի եւ որեւէ բնագաւառի ծիրին  մէջ:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան հետ կապուած` տարածուած են անստոյգ տեղեկութիւններ, որոնք ժամանակի ընթացքին «ճիշդ» սկսած են նկատուիլ:

Այս ձեւի «սխալներ» տարածուած են նաեւ` Մուսա Լերան ժողովուրդի պատմութեան հետ առնչուող: Անուշադրութեան պարագային, կրնան իրականութիւնները անստոյգ նկատուիլ, եւ սխալները կը դառնան իրականութիւն…

Այս փոքր նշմարով մեր ժողովուրդի ուշադրութեան կ՛ուզենք յանձնել տարածուած կարգ մը սխալ տեղեկութիւններ եւ կատարել ճշդումներ:

Ա.- Մովսէս անունը, որ մեծ ժողովրդականութիւն վայելած է մուսալեռցիներուն մէջ, որեւէ առնչութիւն չունի հերոսամարտի լերան ՄՈՒՍԱ անուան հետ: Մուսա Լեռը իր անունը առած է որպէս ներշնչումի լեռ` եւ այդ մէկը դարեր առաջ, յունական ժամանակաշրջանին: Ֆրանս Վերֆելի վէպով է, որ Մովսէս անունը աւելի տարածուեցաւ, քան` Մուսա անուանումը (յիշենք, որ Վերֆել հրէական ծագում ունէր): Հետեւաբար լեռը, ժողովուրդը եւ հերոսամարտը բոլորն ալ Մուսա անուանումը ունին:

Բ.- Մուսա Լերան հերոսամարտը սկիզբ առած է 31 յուլիս 1915-ին, երբ ժողովուրդը բարձրացած է լեռ, եւ աւարտած է 13 սեպտեմբերին` երբ ժողովուրդը ֆրանսական փրկարար նաւերուն վրայ բարձրացած` սկսած է  ուղղուիլ  դէպի Փոր Սայիտ: Ուրեմն հերոսամարտը տեւած է 45 օր: Հետեւաբար ճիշդ չէ հերոսամարտը կոչել քառասնօրեայ:40 օրերու բնորոշումը դարձեալ Ֆրանս Վերֆելի դիւցազներգութեան ` «Մուսա Լերան 40 օրը» վէպի  անուանումէն յառաջ եկած է (հոս ալ կարելի է կապ մը տեսնել հրեայ ժողովուրդի պատմութեան 40 տարիներու անապատային դեգերումներուն հետ):

Գ.- Խորհրդային ժամանակաշրջանին, բազում ուրիշ ազգավնաս երեւոյթներու կողքին, խեղաթիւրուեցաւ նաեւ Մուսա Լերան հերոսամարտի պատմութիւնը: Նպատակը յստակ էր. նուաստացնել կարգ մը ղեկավարներ (որոնց մեծամասնութիւնը դաշնակցականներ էին) գերգնահատելով այլ հերոսներ, որոնք իրականութեան մէջ հերոսներ էին, ինչպէս` Եսայի Եաղուպեանն ու Պետրոս Տմլաքեանը, սակայն հերոսամարտի ընդհանուր ղեկավարները չէին: Արդարեւ, երկու հերոսներն ալ (վերակազմեալ Հնչակեան) չէթէական խումբի խմբապետներ էին եւ քաջագործութիւններ կատարեցին, սակայն անոնք ընդհանուր հրամանատարի պարտականութիւն չունէին: Սկիզբը առանձին ճակատներ ունէին իրենց հրամանատարները, յետոյ, սակայն, աւելի գործնական նկատուեցաւ զինուորական ընդհանուր պատասխանատու նշանակել Մովսէս Տէր Գալուստեանը, որ փաստօրէն դարձաւ հերոսամարտի զինուորական ընդհանուր պատասխանատուն (ի՞նչ ընենք հիմա, եթէ դաշնակցական էր): Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ հերոսամարտի զինուորական մարմինը Խտրպէկի ՀՅ Դաշնակցութեան  կոմիտէի կազմն էր: Այդ կազմն էր, որ լերան քարտէսը պատրաստած էր Մովսէս Տէր Գալուստեանին հետ եւ բանակցած էր Քեսապի կոմիտէութեան հետ միասին լեռ բարձրանալու համար: Դժբախտաբար Հայաստանի անկախացումէն անցած են 26 տարիներ, սակայն չեն սրբագրուած պատմական այս  սխալները: Չմոռնանք ըսելու նաեւ, որ բոլորովին անտեսուեցաւ հերոսամարտի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեանի մեծ դերակատարութիւնը հերոսամարտի ընթացքին, որովհետեւ հոգեւորական էր եւ խորհրդային ժամանակաշրջանին հոգեւորականները նսեմացնելու աշխատանք կը տարուէր…

Դ.- Մուսա Լերան հերոսամարտի տօնը կը զուգադիպի Ս. Խաչի տօնին: Մուսալեռցիք ալ կ՛ըսեն` Խիչէն, սակայն տօնը, որ կը տօնեն աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ ապրող մուսալեռցիները, հերոսամարտի տօնն է եւ ոչ թէ` Ս. Խաչի տօնը: Այնպէս որ, իւրաքանչիւր սեպտեմբերի կիսուն յիշուող ժողովրդային տօնակատարութիւնները հերոսամարտի յիշատակումներ են: Աւելորդ է ըսել նաեւ, որ  վերջին տարիներուն տարածուած «Այնճարի օր» անուանումը բոլորովին սխալ է: Ցարդ այնճարցիք չեն որոշած յատուկ օր նշանակել Այնճարին նուիրուած` որպէս տօն…

Ե.- Տարածուած է նաեւ պատմական տեղեկութիւն, որ իբր թէ մուսալեռցիները եօթը գիւղով լեռ բարձրացած են: Երգի մէջ կամ քերթուածի կը յիշուի «7-ը գիւղով  լեռ բարձրանալու» իրողութիւն մը: Իրականութեան մէջ, սակայն, Մուսա Լերան պատմական գիւղերը վեց են` Եողունօլուք, Խտրպէկ, Պիթիաս, Հաճիհապիպլի, Վագըֆ եւ Քեպուսիէ: Հետեւաբար ճիշդ չէ 7-ը գիւղի բնորոշումը: Ատենին նկատի առած են երկու Ազզերները որպէս առանձին գիւղ, սակայն անոնք փոքր գիւղակներ էին, ինչպէս Ամաճը, Զուդունէն, Դրժընիկը…

Զ.- Մուսա Լերան հերոսամարտի կարեւորագոյն երեւոյթներէն մէկը ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆ էր լերան վրայ` առանց կուսակցական կամ յարանուանական  խտրութեան: Եթէ Պիթիասի պատուելին դէմ էր լեռ բարձրանալու գաղափարին,ապա Եողունօլուքի պատուելին համամիտ գտնուեցաւ լեռ բարձանալու: Կեդրոնական վարչութեան ընտրութեան ընթացքին ժողովականները առաջարկեցին տէր Աբրահամ Տէր Գալուստեանին անունը, որ իրաւամբ ամէնէն երեւելի անձնաւորութիւնը կը նկատուէր Մուսա Լերան ժողովուրդին մէջ. առաջնորդական փոխանորդը, սակայն, խնդրեց, որ պատուելի Անդրէասեանը ընտրեն, որ աւելի ուսում ունէր եւ կը տիրապետէր օտար լեզուներու: Հետեւաբար չկային յարանուանական հայցեր, ինչպէս հետագային շատեր ուզեցին տեսնել:

Հետեւաբար Մուսա Լերան հերոսամարտի 102-րդ տարեդարձի առիթով փորձենք սրբագրել այս տարածուած թիւր տեղեկութիւնները եւ արժանին մատուցենք արժանաւորներուն:

Փա՛ռք ու պատիւ Մուսա Լերան մարտիկներուն:

15 սեպտեմբեր, 2017
Մուսա Լեռ- Այնճար

Viewing all 12135 articles
Browse latest View live