Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12135 articles
Browse latest View live

Հայրենիքի Շուքին Տակ Լաւագոյն 14 Օրեր

$
0
0

ՎԱՀԱՆ ՍԱՂՏԸՃԵԱՆ
Հայկազեանի ուսանող

Ապրիլի երկրորդ օրն էր, երբ մօրս հետ խօսելու ընթացքին ստացայ հայրենիք մեկնելու ուրախ լուրը: Այդ վայրկեանէն սկսեալ կը հաշուէի օրերն ու վայրկեանները…

8 յուլիս 2017-ին հայրենիքը իր լայն թեւերը բացած` գրկեց Համազգայինի երիտասարդներս: Մայր Հայաստանը իր տաքուկ փաթթուկով վերջապէս մարեց տարիներու մեծ կարօտիս կրակը:

Աչքերուս չէի հաւատար: Բոլոր տեսածներս կարծես երազ ըլլային: Դպրոցական տարիներուս լսած պատմութիւններս ու մտքիս մէջ ընդգծուած պատկերները կը տեսնէի, կը շօշափէի ու կը զգայի:

Հայրենիքի իւրաքանչիւր անկիւն հայկականութիւն կը բուրէր` իր ճարտարապետութեամբ, երաժշտութեամբ ու բնութեամբ: Անսահման գեղեցկութիւն կը տիրէր ամբողջ տարածքին: Իւրաքանչիւր վայր կարծես գեղանկար մը ըլլար` գծուած հայու ստեղծագործ ձեռքերով ու մտքերով,  որոնց նմանը մարդ արարած պիտի տեսնէ ո՛չ աշխարհին վրայ եւ ո՛չ ալ աշխարհէն դուրս:

Մարդոց լեզուներու արտասանութեամբ ականջներս կը վայելէին այբբենական տառերը: Ջուրերը ամէն կողմ կը հոսէին` հպարտ իրենց հայկականութեամբ: Երկինքը կապոյտ ու ծաղկաձեւ ամպերով զարդարուած էր:

14 թանկագին օրեր անցընելով Հայաստանի ու Արցախի մէջ` ըմբոշխնեցի գեղեցկագոյն պատկերները, ստացայ հարուստ գիտելիքներ եւ ապրեցայ ընկերային թանկարժէք պահեր: Իւրաքանչիւր վայր իր քաղցրութեամբ ու սրբութեամբ մեզի ընծայեց անմոռանալի ապրումներ ու յիշատակներ: Այդ բոլորը տեսնելն ու շօշափելը տարբեր զգացումներ էին, զորս չեմ կրնար բացատրել տողերու ու բառերու ընդմէջէն: Լաւագոյն զգացումները այնտեղ  կ՛ապրէի, մանաւա՛նդ երբ պահ մը կը փակէի աչքերս ու Արցախի բնութեան բոյրը եւ հողը շնչելով` կը ստանայի ուժ ու ներքին հանգստութիւն:

Մեր հայրենիքը հայութեամբ տոգորուած մանուկին, պատանիին, երիտասարդին ու ծերունիին դրախտավայրն ու յաւիտենականութիւնն է: Մեր լեզուն երբ հրաշագեղօրէն հնչէ կամ մեր ականջները անոր դուրեկան հնչիւնները լսեն, անպայման, ո՛ւր որ ալ ըլլանք, մեր միտքն ու հոգին  ընդմիշտ պիտի սաւառնին դէպի դալար ու կանաչազարդ պարտէզները, մեր հոգիները պիտի  լեցուին հոգեպարար երաժշտութեամբ, վարդերու ու շուշաններու բուրումնաւէտ հոտով: Պիտի  հասնինք Արարատի բարձունքին` մեր հազարամեայ հարուստ պատմութեան: Պիտի տեսնենք մեր աչքերուն առջեւ  հպարտութիւն ու մեծութիւն ներշնչող մեր հերոսներուն գեղեցիկ ու հզօր պատկերները, պիտի շնչենք անոնց արեան հոտը եւ պիտի լսենք անոնց կրակոցներու ձայնն ու յաղթանակի երգերը:

Իմ մա՛յր հայրենիք, մեծ ժպիտ դէմքիս եւ արցունք աչքերուս` կը մեկնիմ սփիւռք: Արցունք,  որովհետեւ կարօտի կրակը կը վառի սրտիս մէջ: Կը ժպտիմ, որովհետեւ կը հաւատամ, որ այս մէկը ժամանակաւոր է: Որպէս հայ զաւակդ, ո՛ւր որ ալ ըլլամ, կարօտին չդիմանալով, պիտի վերադառնամ մօտդ ու պիտի գրկեմ քեզ այնքան ամուր, որ արծուաբոյն թեւերդ պիտի դառնան իմ տունս եւ հոգիս իր թեւերը բացած` մեծ հպարտութեամբ  պիտի սաւառնի կրկին անգամ Արարատի գագաթը:

* * *

Շնորհակալութի՛ւն Համազգային Ֆորումի կազմակերպիչ յանձնախումբին, որուն տարած հսկայական աշխատանքով աշխարհի տարբեր երկիրներէ հայ զաւակներ հայրենիքի գիրկը համախմբուեցան, որպէսզի իւրաքանչիւր հայ ուսանող հայրենիքի շունչը ստանալով` իր կեանքի լաւագոյն օրերը անցընէ մայր հողին վրայ ու զօրացնէ իր հայկական ոգին: Նաեւ` շնորհակալութի՛ւն Քեսապի Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, որ եղաւ հայրենիքը տեսնելու երազիս իրականացման աղբիւրը: Բոլորին վարձքը կատար:

 

 


Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզը Անկախութեան Հանրաքուէի Նախօրէին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի մայրաքաղաք Էրպիլի արբանեակային «Ռուտաու» պատկերասփիւռի կայանը շաբաթներ առաջ հաղորդեց, որ ընթացիկ տարուան սեպտեմբեր 25-ին Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ տեղի պիտի ունենայ անկախութեան հանրաքուէ: Նշեալ պատկերասփիւռի կայանը հանրաքուէի մասին շաբաթներէ ի վեր քարոզչական աշխատանք կը տանի նաեւ:

Նախ պէտք է ըսել, որ նշեալ հանրաքուէին համար հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի Քիւրտիստանի հայրենասիրական միութեան (ՔՀՄ) եւ Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութեան (ՔԺԿ) ներկայացուցիչներ հանդիպում ունեցած են հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի մայրաքաղաք Էրպիլի մէջ աշխատող օտար դիւանագէտներու եւ հիւպատոսներու հետ` զանոնք նախազգուշացնելու համար նշեալ տարածքի անկախութեան հանրաքուէ կատարելու մասին: Քիւրտերը իրենց փափաքը յայտնած են մարզին մէջ ներկայացուցչութիւններ ունեցող երկիրներուն, որ հանրաքուէն որեւէ ազգի, ներառեալ քիւրտ ժողովուրդին բնական իրաւունքն է:

Տեղի ունենալիք անկախութեան հանրաքուէի նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ են:

Պատրաստուած են քրտերէն, արաբերէն, թրքերէն եւ սուրիանիներէն միատեղ բացատրողական քուէաթերթիկներ` հանրաքուէի օրուան համար:

Քուէաթղթիկին վրայ գրուած է հետեւեալը. «Քիւրտիստանի եւ վիճելի տարածքները իր մէջ ներառուած` կը ցանկանա՞ք անկախ Քիւրտիստան պետութեան ստեղծումը»:

Վերոնշեալ գրութեան տակ կը գտնուի Իրաքի Հանրապետութեան դրօշակը, ուր գրուած է «ոչ»: Իսկ անոր կողքին` Իրաքի տարածաշրջանի քրտական մարզի դրօշակը, հոն ալ «այո» նշանը տեղադրուած: Հանրաքուէի օրը քուէարկողը պիտի ընտրէ երկուքէն մէկը:

Անմիջապէս յայտնենք, որ թրքական լրատուամիջոցներ այս լուրը հաղորդեցին եւ քուէաթղթիկի մասին լուրը տարածեցին, որ «երեք լեզուներով տպագրուած է» միայն, դժբախտաբար նկատի չարին սուրիանիներէնը:

Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին քիւրտերը կ’ուզեն իրենց բնակչութեան կամքը ցուցադրել միջազգային ընտանիքին, միւս կողմէ` բանակցութիւններու մէջ մտնել Պաղտատի հետ, որպէսզի հասնին անկախութեան:

Ի հարկէ քիւրտերու անկախութիւնը արմատական իրավիճակ կը փոխէ տարածաշրջանին մէջ, սակայն դժուար է ըսել, որ քիւրտերը դիւրին կրնան հասնիլ անկախութեան: Պատճառները միայն արտաքին գործօնները չեն, կան նաեւ ներքին բարդութիւններ:

Վերոնշեալ իրադարձութիւնը տարածաշրջանին մէջ դրացի երկիրներու կողմէ կը դիտուի իբրեւ մեծ բարդութիւն: Մէկ կողմէ ընդվզումի առարկայ է քրտական պետութեան հանրաքուէի ոչ արդարացի ըլլալը, միւս կողմէ` կը պաշտպանուի Իրաքի հողային ամբողջականութիւնը:

Շրջանին մէջ, սակայն, այս առնչութեամբ ամէնէն անհանգիստ պետութիւնը բնականաբար Թուրքիան է: Թուրքիան, հասկնալի պատճառներով, պատրաստ է ամէն ջանք գործադրելու, որպէսզի Իրաքը մնայ միասնական պետութիւն` իր ներկայի սահմաններով, քանի որ Քիւրտիստանի փաստացի ինքնորոշումը կտրականապէս կը հակասէ Թուրքիայի շահերուն:

Անգարա յայտարարեց` «հանրաքուէն շրջանին մէջ պիտի նպաստէ անկայունութեան»: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին յայտարարեց. «Իրաքի քրտական մարզի հանրաքուէն կրնայ քաղաքացիական պատերազմի առաջնորդել»: Իսկ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Պուրաթ Ալպայրաք յայտարարած էր. «Հանրաքուէն պիտի վնասէ քրտական մարզի քարիւղի բնագաւառին, մանաւանդ որ հում վիճակի մէջ արտածման համար օրական հազարաւոր տակառ քարիւղ կը մղուի դէպի թրքական Ճիհան նաւահանգիստ»:

Իսկ Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նախագահ Տեւլեթ Պահչելի անկախութեան հանրաքուէին համար վերջերս առիթով մը անդրադարձաւ, որ` «Պարզանի յամառութիւն կը ցուցաբերէ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ստացած աջակցութեամբ առաջ կը շարժի: Պարզանի կը ճանչնայ Անգլիան, Ամերիկան, բայց չի ճանչնար թրքական պետութիւնը: Վաղը, ինչպիսի ապտակ ստանալն ալ, ապտակը ստանալէն ետք պիտի անդրադառնայ, սակայն գործը գործէն անցած պիտի ըլլայ»:

Պահչելի անկախութեան հանրաքուէին թիւրքմէններու չմասնակցելու մասին ընդվզում յայտնած է` ըսելով, որ անկախութեան հանրաքուէին պէտք է մասնակցի նաեւ իրաքեան Քերքուք շրջանի բնակչութիւնը, ուր մեծ մասամբ թուրքմէններ եւ արաբներ կը բնակին` աւելցնելով, որ` «Քերքուք թուրք է, թուրք ալ պիտի մնայ»:

Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի մարզի անկախութեան շուրջ հանրաքուէին վերաբերեալ վերջերս յայտարարեց, որ իրաքցի քիւրտերը անկախութեան հասնելէն զատ` ուրիշ լուծում մը չունին, եւ աշխարհի բոլոր քիւրտերուն կոչ ուղղեց անկախութեան աջակցելու: Իսկ Պաղտատին պատգամ մը յղելով` յայտնեց. «Եթէ գործընկերներ ըլլալու առումով ձախողեցանք, ապա թող որ լաւ դրացիներ ըլլանք»:

Ըստ Պարզանիի, անկախութեան հարցով հանրաքուէն կրնայ կանխարգիլել շրջանը պատուհասող նոր արհաւիրքն ու նպաստել քիւրտ ժողովուրդի միաւորման: «Ես կ’ուզեմ, որ դուք աջակցիք ատոր, որովհետեւ մենք անկախութեան հասնելէն զատ` ուրիշ լուծում մը չունինք», ըսած է ան:

Վերջապէս, հանրաքուէի իրագործումով ականատես կ’ըլլանք մեր տարածաշրջանի մէջ կատարուելիք այսպիսի մեծ իրադարձութեան մը, եւ այս իրողութիւնը բնականաբար մեծ սպառնալիք է Թուրքիոյ համար: Ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ հանրաքուէն ի՛նչ անակնկալներ պիտի բերէ հետը:

Յամենայն դէպս այսօր իրաքեան քրտաբնակ շրջանները կանգնած են չափազանց լուրջ երկընտրանքի դիմաց: Պատճառը շատ հասկնալի է, որովհետեւ քրտական գործօնի օգտագործումով կարելի է լրջօրէն ապակայունացնել իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ իրականացնել նոր աշխարհաքաղաքական բաժանում:

Այդ է պատճառը, որ երբեք իշխանութեան տարածաշրջանային մակարդակի ընտրութիւնները այդքան լարուած ուշադրութեան առարկայ չեն դարձած, ինչպէս` Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի մէջ սպասուող հանրաքուէն եւ ընտրութիւնները:

Վերջին հաշուով, այդ օրը քիւրտերուն համար պատմական օր է, քանի որ ազատ Քիւրտիստանի մը գոյութիւնը պատմական հնարաւորութիւն կրնայ տալ հետագային դրացի երկիրներու մէջ ապրող քիւրտերուն համար:

Անշուշտ, առաջին կարգի անհրաժեշտ է սեպտեմբեր 25-ին Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի մէջ կայանալիք անկախութեան հանրաքուէի արդիւնքները սպասել:

 

 

 

Սողովմէ

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ԿԻՒԼԼԻՒՃԵԱՆ

Բանաստեղծութիւնը կամ ընդհանրապէս գեղարուեստական գրականութիւնը կարելի՞ է սփիւռքի մէջ:

Նախ եւ առաջ վերի հարցադրումին մէջ գործածուած եզրերուն առնչութեամբ հարկ է կատարել կարգ մը լրացումներ: Սփիւռքը չէ գլխագրուած, որովհետեւ հարցումը կ՛ուզէ մտածել ընդհանրապէս սփիւռքներու, եւ ոչ` յատուկ անունին մասին այն կարողական երկրին, ուր կ՛ապրինք շատերս: Կ՛ակնարկէ վայրի մը, ուր ծնած ըլլալու է գրողը, եւ որմէ առժամաբար պէտք է զանցառել միջինարեւելեան հայկական կեթոները, այսինքն` այն համայնքները, որոնք կ՛անգիտանային իրենց շրջակայ ընկերութիւնը եւ յաջողած էին իրենք զիրենք լեզուականօրէն եւ մշակութապէս փակել ցանկապատի մը ետին:

«Սփիւռքի մէջ ստեղծել»-ը գոնէ այս անգամուան համար կը սահմանափակուի անոնց, որոնք ծնած են կամ գոնէ մեծցած` միջանցքային վայրերու մէջ, ուր մօրենական լեզուին ու շրջապատի` փողոցի, դպրոցի, համալսարանի, գործատեղիի ե՛ւ անշուշտ ընթերցումներու լեզուին միջեւ իրենց տարուբերումը հարցական չէ, այլ` ամէնօրեայ ու անխուսափելի փորձառութիւն: Իսկապէս` միջանցքային սփիւռքցիներ: Միւս կողմէ, նախադրեալներէն մէկն ալ այն է ասոնց պարագային, որ այդ սփիւռքը աղէտի մը հետեւանքը եղած ըլլայ: Եւ ուրեմն թերեւս հարկ ըլլայ ետ բերել գլխագիր Սփիւռքը:

Որդեգրում Եւ Հայրագրում

Հայերէն գրող միջանցքային սփիւռքցիի սովորական ըմբռնումէն ընդհանրապէս դուրս մնացած են անոնք, որոնց համար հայերէնը ժամանակագրականօրէն առաջին` այսինքն կեանքի առաջին քանի մը տարիներու մայրենի լեզուն եղած չըլլայ: Անձեր, որոնք որդեգրած ըլլան հայերէնը չափահաս տարիքին, երբեմն իրենց սահմանումով` «վերադարձած» հայերէնին, թէեւ առարկայականօրէն հայերէն սկիզբ մը չկայ իրենց կենսագրութեան մէջ, ուր կարելի ըլլար «վերադառնալ»: Որդեգրումը կը պատահի ընդհանրապէս համալսարանական տարիքին, քսան տարեկան հասակէն ետք, եւ բացառելով վերջերս քիչ մը տարածուած օգտապաշտ` ակադեմական կամ այլ միտումներով կատարուած իւրացումը լեզուին, ատիկա կատարողները իրենց հասկացողութեամբ վերադարձ մըն է, որ կը կատարեն իրենց ծնողներու, նախնիներու, կամ տոհմածառի ճիւղերէն սոսկ մէկը հանդիսացող հայկական աւանդութեան: Այս ծիրին մէջ որդեգրումը իրականութեան մէջ մայրագրում կամ հայրագրում մըն է:

Կայ սակայն երկրորդ մակարդակ մը, ուր հայրագրումը ըստ էութեան ապագային հեռարձակուող նպատակ մը, ստեղծագործական միտում մը կ՛ենթադրէ: Լեզուն իւրացնողը ատիկա կը կատարէ լեզուով գրելու, ստեղծելու թաքուն թէ բացայայտ նպատակով, որ արդէն եթէ ոչ որդեգրումի, այլ որդեծնութեան, մանկագործութեան գաղափարին է, որ կը հակի: Ենթական անցեալը չէ միայն, որ կը հալածէ, այլ զայն իւրացնելով` կ՛ուզէ սնուցանել իր ներկան եւ հետք մը ուրուագրել դէպի ապագայ:

Ցնորական թուի վստահաբար վերի պարագան: «Օտար» ծնած հայու, կամ «կէս», «քառորդ»` նոյնիսկ «մէկ ութերորդ հայ»-ու մասին շատ կը խօսուի վերջերս (չակերտները անհրաժեշտ են խնդրականացնելու համար կոտորակային ինքնութեան գաղափարը): Այդպիսի անձ մը ուրեմն նախ հայերէնին բարեկամանայ, յետոյ ալ հայերէն ստեղծէ՞:

Ցնորակա՞ն: Թերեւս այդպէս ըլլայ: Բայց եթէ այդ կարելիութիւնը իբրեւ ցնորք մերժուէր, տրամաբանական հետեւութիւնը պիտի ըլլար այն, որ հիմնովին ցնորական պիտի ըլլար նաեւ սփիւռքի մը մասին մտածելը ասկէ երկու-երեք սերունդ ետք այնտեղ, ուր կը միտին յանգելու (եթէ ոչ հանգելու) գրեթէ բոլոր սփիւռքները, այսինքն` Արեւմուտք: Ասիկա` որովհետեւ առանց ստեղծագործ լեզուի պիտի չըլլայ այն, ինչ որ կայ. այսինքն պիտի ըլլայ, բայց միայն` իբրեւ յուշ, յիշատակ, ուսումնասիրելի ու պեղելի հնագիտութիւն: Մեռեալ առարկայ: Առաւելագոյն պարագային` Սփիւռքի մեծ հաստատութեան մը կողմէ այսպէս թէ այնպէս առաջադրուած «Legacy Center» մը Երեւանի մէջ, այն ալ` հաւանաբար անգլերէնով:

Այնուամենայնիւ, կան անձեր, որոնք կատարած են հայրագրումի եւ որդեգրումի աշխատանքը: Անոնցմէ թերեւս ամէնէն նշանակալից պարագան «Բագին»-ի ներկայ թիւին մէջ լոյս տեսնող փունջ մը գրութիւններու հեղինակ Թենի Արլենն է:

Արլենին Ու Առաքելեանին Միջեւ

Թենի դուստրն է Թիմ Արլենի եւ Թեմմի Շօուալթերի: Մեծ հայրն է որ Առաքելեան մականունը փոխած է Արլենի: Ծնած ու մեծցած է Քալիֆորնիա, հեռու` հայկական շրջանակներէ, Ռիվըրսայտէն մինչեւ կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Սան Լուիս Օպիսփօ քաղաքը: Հայերէնի բացարձակապէս անտեղեակ` քսան տարեկանին է միայն, որ կը տեղափոխուի Լոս Անճելըս, եւ Եու. Սի. Էլ. Էյ. համալսարանի մէջ կը սկսի արեւմտահայերէն լեզուի եւ գրականութեան դասընթացքներու` հետեւելով իր զոյգ աւագ եղբայրներու քայլերուն, բայց հիմնականին մէջ` անհատական մղումով: Արդէն իսկ բանաստեղծական բացառիկ տաղանդի տէր ըլլալով` շուտով կը սկսի գրելու նաեւ հայերէնով եւ դէպի լեզու «վերադարձ»-ը կ՛ըմբռնէ որպէս ստեղծագործական` արարումով ինքնացումի գործընթաց:

Հրատարակուող քերթուածները, որոնք մէկ մասը կը կազմեն իր արտադրութեան, գրեթէ բոլորն ալ գրուած են հայերէնի ուսումնառութիւնը սկսելէն 15-20 ամիս ետք, ինչ որ անշուշտ ենթադրած է ժամանակի նշանակալից ներդրում, լուրջ կեդրոնացում` լեզուի իւրացման եւ բառապաշարի նրբութիւններու վրայ, ու ի հարկէ սիրահարութիւն` լեզուի եւ գրականութեան: Գրութիւնները թարգմանութիւններ չեն անգլերէնէ, ընդհակառակը, ստեղծուած են հայերէնով ու յետոյ թարգմանուած անգլերէնի` ստուգելու համար ըսել ուզուածի ճշգրտութիւնը: Այդ իմաստով ալ աննշան խմբագրութենէ անցած են ատենին: Գրուած են օրը օրին, 2012-2013, գլխաւորաբար դասարանային ընթերցումներու եւ վիճարկումներու ներշնչումով: («Պատումը»` Գր. Պըլտեանի «Շեղուածք» գրութենէն ետք. «Գիշեր»-ը` Սալվաթորէ Քուազիմոտոյի եւ Զուլալ Գազանճեանի «Գիշեր»-ներէն եւ Սարաֆեանի շարք մը քերթուածներէ ետք. «Հայ լեզուի խնդիրը»` 1911-ին «Ազատամարտ»-ի մէջ Դ. Վարուժանի նոյն վերնագրով գրութեան հետքով. «Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն»-ը, պարզ է, Նիկողոս Սարաֆեանի համանուն գիրքի ընթերցումէն ետք): Քերթուածներուն մէջ կայ հասուն մտածողութիւն եւ գաղափարներու նրբիմաստ խաղ: Օրինակ մըն է միայն «Գիշեր» բանաստեղծութիւնը, ուր կ՛ակնարկուի գրողի անհատնում ճիգին` ըլլալու ինքզինք ու ըլլալու ինքնիր եւ իր լեզուին տէրը, ստեղծելու իսկապէս, ինչ որ կը պատահի հասնելէ ետք ստեղծագործական «գիշեր», այսինքն` թօթափելէ ետք արտաքին այն բոլոր «լոյսերն» ու տուեալները, որոնք կ՛աղօտեն ու կը շփոթեն օրինակումին եւ արարումին միջեւ երերող սահմանները:

Թենի Արլեն լեզուէն սկսելով է, որ ուղեւորութիւն մը կը կատարէ դէպի հայկական ինքնութիւն, այնպէս` ինչպէս ինք պիտի հասկնար ու սահմանէր ատիկա: Նախ` իր մերձարեւելեան եւ հիւսիսափրիկեան ուսմանց մասնագիտացումը լքելով` կ՛անցնի բաղդատական գրականութեան, ուրկէ պսակաւոր արուեստից տիտղոսով կ՛աւարտէ Եու. Սի. Էլ. Էյ.-ի շրջանը 2013-ին: Չի դադրիր, սակայն, որոնելէ իրեն համար ամէնէն հարազատ վայրը: Ֆրանսայի հարաւը եւ ամերիկեան Ինտիանա նահանգը տարբեր ձեռնարկներու մասնակցելէ ետք, 2015-ի կիսուն կ՛ընդունուի դոկտորականի ծրագրին` Միշիկընի համալսարանի (Էնն Արպըր) բաղդատական գրականութեան բաժանմունքէն ներս` նպատակ ունենալով կեդրոնանալ  ֆրանսական խորհրդապաշտ գրականութեան եւ այդ շարժման հայկական արտայայտութիւններու առնչութիւններուն վրայ:

Ատկէ անմիջապէս առաջ, «Նոթր Տամ» համալսարանի աստուածաբանական դասընթացքներուն իբրեւ ունկնդիր հետեւելէ ետք, երկար մտորումներէ ետք կ՛որոշէ կրօնական իր պատկանելիութիւնն ալ շեղել դէպի Հայ եկեղեցին, ուր մկրտուելով` 2015-ի յունիսին կ՛ընտրէ անուն մը եւս` Սողովմէ:

Սողովմէ, Սալոմէ, Սուլամիթա կամ Շուլամիթ` Թենիի սիրած բանաստեղծական դարուն յայտնի դարձած էին տարբեր արուեստագէտներու գլխաւորաբար խորհրդապաշտ նկրտումներով գործերուն մէջ (յատկապէս` ԺԹ. դարու երկրորդ կէս), ուր աստուածաշնչական այդ կերպարը կը վերածուէր ինքնանպատակ գեղեցկութիւն կամ աւելի ճիշդը` արուեստ մարմնացնող տիպարի:

1991-ին ծնած Թենիի կողմէ Սողովմէի որդեգրումը յարացուցական է, յատկապէս` իր կողմէ հայերէնի եւ հայութեան պատկանելիութեան որդեգրման ընդհանուր հոլովոյթի շրջարկին մէջ: Սողովմէի տիպարները գրեթէ ոչինչ ունին ի նկատի` որպէս պարտք ու պարտաւորութիւն, ընկերային սեղմում, հարկադրութիւն եւ պարտականութիւն: Կ՛ուզեն առինքնել, զգլխել միայն գեղեցկութեամբ: Հրաւէր մըն են` յանձնուելու գեղեցիկի տիրութեան: Հաճոյքի ու վայելքի խնդիր: Այսինքն` ենթակայէն մեկնող ընտրութեան, որն էր Թենի Արլենինը լեզուական, ստեղծագործական եւ այլ մարզերու մէջ:

Ցնորականը իրականի կարելիութեան վերածելու հիմնական ձեւը, ըստ երեւոյթին, կը կայանայ հայերէնը, այսինքն` հայերէնով մատուցուող լեզուական արտադրութիւնը ընտրելի ընծայելու մէջ: Ընթերցողը լուրջի առնող մտածում, վերլուծութիւն, ստեղծագործութիւն, քերթողութիւն: Լուրջի առնել` կը նշանակէ լրջօրէն հրապուրել, ընտրելի առարկայի ներյատուկ արժէքին վրայ կեդրոնանալ, ատիկա ստեղծել այսօր:

Թենի Արլեն` 1991-2015, դադրեցաւ ստեղծելէ Սողովմէն որդեգրելէ ամիս մը ետք, «քաղաքէ մ՛ուրիշ քաղաքի միջեւ» փոխադրութեան ճամբուն վրայ:

Հեղինակին կողմէ ծանօթագրութիւն.

Ներկայ գրութեան մէջ դիմադրած եմ փորձութեան` ենթակայական զեղումներով միջամտելու եւ մրոտելու իրաւունքը բացառիկ կարողութեան տէր գրողի մը եւ իր ընթերցողներուն, որ զիրար ճանչնան միմիայն գրականութեան ընդմէջէն: Էջատակին միայն համարձակութիւնը կ՛ունենամ խօսելու այն էական կորուստը, որ եղաւ պայծառագոյն մտքէ մը անդին` քաղցրագոյն հոգիի մը, որ իբրեւ ուսանող ամբողջովին յանձնուեցաւ, երկու տարի եւ ապա մինչեւ վերջ, առաջնորդուելու դասախօսի մը կողմէ, որ պիտի այլայլէր պատասխանատուութեան առջեւ` ընդմէջ այդ վստահութեան եւ դիմացը բողբոջող, բացուող եւ արտադրող ապշեցուցիչ մտքին ու տաղանդին:

——————————

Պատումը

Վայրկեանները ուժով կը հարուածեն:
Վայրկեաններ,
եւ իրենց վաղանցիկ երջանկութիւնը, ցաւը,
վաղանցիկ ուրախութիւնը, մինակութիւնը:
Անկումէն ետք լռութիւնն է
որ կը փորձէ զսպել:
Անկումէն ետք կայ վայրկեանը առանց ձայնի:
Կը մեռնինք լռութեան ընդմէջէն:
Փոշիի պէս որ պատուհանի յեցուկին կ՛իյնայ
եւ կամաց կամաց կը հանգչի.
փոշին անշարժութեամբ եւ ժամանակով
վայրկեանները կը թաղէ,
պատմութիւնը կը թաղէ:
Բառերուն ջնջումը.
կեանքի անիմաստութիւն.
եւ աշխարհ փշրանքներու կը վերածուի:
Երբ յանկարծ – խօսելով –
Բառերուն ծնունդը.
աշխարհի վերածնունդը:
Բառը, շունչը բերանէն
փոշին կ՛արծարծէ
եւ պատուհանի յեցուկը կը պարզէ:
Լռեցուած պատումը պատմուած է:
Մենք կ՛ապրինք պատմողներէն
որոնք ձայն մը կու տան,
որոնք շունչ կու տան
հսկայ լռութեան մէջ:

Բանաստեղծութիւն

Ձայն մը չունիմ արձակին համար:
արձակը, իր անթերի մտածումներով,
իր գուշակելի կէտադրութիւնով, իր գծակերպ շարժումով.
բառերը էջին մէկ կողմէն միւսը կը քալեն,
անոնք կատարելաբար լուսանցքներու միջեւ
կը սկսին ու կը վերջանան:
Բայց բանաստեղծութիւնը փափուկ պար մըն է:
Բառեր եւ գիրեր էջին մէջտեղէն
կը պարեն
վեր
ու
վար.
ան կ՛արտայայտէ
միտքս –
խախտած
կեանքս –
փափուկ պար մըն է,
վեր
ու
վար:

Բառեր

Եւ մանաւանդ
կեանքը մենակեաց է:
Բոլոր շողշողուն հանդէսներէն ետք, դուն
խօսակցութիւններէն ետք առանց իմաստի,
խոստումներէն ու սպասումէն ետք,
պարապ սենեակի մէջ կը գտնես դուն քեզ:
Անշշուկ շնչառութիւնդ, շփոթած խորհուրդներդ.
Այսպէս, ամէն տեղ ուր միտքս թափառի` քեզի դարձեալ կը յարի:
աշխարհի կայտառութիւնը մեռած է,
եւ դուն –
դուն ես
դուն ես:
Աչքերդ կը գոցուին եւ աշխարհի թատրոնը կ՛աներեւութանայ,
աչքերդ կը բացուին եւ դերասան ես,
եւ յանկարծ ամբոխի մէջ – դիմակներ ունիս.
դիմակներ
որ դէմքեր կը ծածկեն:
Բայց ինչպէ՞ս կ՛ըսես դիմակներուն.
մենակեաց
միայնակ
կոտրած:
Բառերը քարերու պէս կ՛իյնան,
յոգնած եւ օթեկ եւ անվարժ
բերանէդ:
Բերանդ,
այդ նկուղը ուր բառեր կը խառնուին
իմաստով, յիշողութիւնով, մոռացութիւնով:
Մոլորած անգործածութենէ,
բառերը օդին մէջ ուրուականներու պէս կը քալեն:
Այս բառերը, անտեսանելի,
մխիթարութիւն չեն կրնար ընծայել:

Անվերջ Սկիզբ

Կեանքիս պատմութիւնը պիտի չվերջանայ մահուանս հետ:
Երբ ծնայ, պատմութիւնս սկսաւ:
Մարդիկ կ՛ըսեն մեզի որ «օր մը, պիտի մեռնինք»:
Բայց ճիշդ չէ: Մեր կեանքերը շրջանակներու պէս են,
նոր պատմութիւններ եւ նոր սկիզբներ
կու տան ամէն բանի որու դպչինք:
Ամէն բառ որ կը խօսինք, քիչ մը նոր սկիզբ է.
ամէն բառ որ կը գրենք, քիչ մը նոր սկիզբ է.
ամէն բառ որ կը կարդանք, նոր խորհուրդ մը կամ մտմտուք մըն է մեր միտքերուն մէջ:
Միւսներուն նոր սկիզբներ կու տանք խօսելով եւ գրելով:
Երբ մեռնինք, մեր հետքերը կը շարունակուին այս կեանքին մէջ եւ ուրիշ մարդոց մէջ:
Ուրեմն, մահը բնաւ չի գար մեզի:

Գիշեր

Գիշերը հանդարտ էր:
Մեղմ առուի մօտ խորունկ կը քնանայի:
Երազներ կը նուագէին մտքիս մէջ ջութակի մը պէս.
յանկարծ, գետինը քայլափոխներու ձայնէն արթնցայ:
Ան իմ քովս էր:
Իր շունչը ծաղիկներու նման էր,
իր մորթը առուի մամուռին պէս կը բուրէր:
Երբ խօսեցաւ, բառերով չխօսեցաւ,
իր բառերը աստղերու պէս ձեռքերուս մէջ ինկան:
Երկինքներ ստեղծեցի այս աստղերով: Ես եմ արարիչը, ես եմ տէրը:

Արծաթէ Սանդուխը

Համբերատար, ուշադիր, լռիկ.
լուսինը:
Իր կլոր աչքերով արծաթէ պարաններ կը ցաթէ
դէպի գետին` լիճին, անտառին:
Լուսինը մութ գիշերուան մէջ կը յայտնաբերէ հանդարտ ճամբորդը,
մեղմ ծփանքները,
քնացող ծառերը:
Յաւիտենական պահապան մը:
Այս գիշեր անօթի աչքերով կը վազեմ:
Կեանքը կորսուած է անբացատրելի հարցումներու մէջ,
փայլուն լոյսերու մէջ,
կերպընկալ դղեակներու մէջ:
Այս գիշեր աչքերս վեր կը նային –
երկու լուսիններ որ կը հանդիպին լուսնին –
եւ կեանքը կ՛աներեւութանայ
անտեւականութիւնը կ՛իյնայ
եւ մնայունը կը փայլի:
Եթէ այս արծաթէ պարաններէն արծաթէ սանդուխի պէս կարենայի մագլցիլ,
պատասխանները պիտի ունենայի՞:

Միտքս

Միտքս հանգստանալ փորձեց,
հանդարտ ըլլալ փորձեց:
հեռու լեռներ տարի զայն,
դէպի ցորենի դաշտերն ու կապոյտ ծովերը առաջնորդեցի զայն:
Պղատոն, Նիցչէ, եւ Քանթ անոր կերակրեցի,
եւ ան նկարիչներ ու հեղինակներ ու բանաստեղծներ խմեց:
Բայց ասոնցմէ միշտ շուտով հեռու վազեց.
դուն. քեզի վազեց:
Որովհետեւ երկու լեռներու պէս են ուսերդ,
մազդ ցորենին գոյնը ունի,
աչքերդ աւելի կապոյտ են քան թէ ծովերը,
միտքդ արդէն փիլիսոփայութիւնով եւ բանաստեղծութիւնով լեցուն է:

Զարթնում

Կարելիութիւնը բնաւ չարթննալու:
Կեանքս այս պզտիկ սենեակն է,
գիրքերով ու ճաշերով ու լռութիւններով:
Դուրսը ամբողջ ապակի է
կ՛ըսէին ինծի ամէն օր:
Բայց յանկարծ պատուհանը կը բացուի,
եւ աշխարհն այնտեղ է ինծի համար:
Եւ այս ձայները
այսօրուան ձայներ են,
իսկ ես անզօր եմ:
Մեռած ձայները չեմ կրնար լսել այլեւս,
այն հին ձայները որոնք
հոգիս կը կերակրէին
այդ սենեակին մէջ:
Ապրողները հոս են խօսելու համար
կը փսփսան,
կեանք տալու քեզի:
Ուրեմն խօսէ՛, խօսէ՛
կը կանչեմ սենեակէս:
Գիշերը կու գայ
մութ խորհուրդի մը պէս:
Ձայները պիտի խօսի՞ն
գիշերէն առաջ:
Սպասումը, անդորրութիւնը –
կարելիութիւնը – տանջա՜նք – բնաւ չարթննալու:

Հայ Լեզուի Խնդիրը

Հայ լեզուն տարիներով կը վերապրէր: Իր գոյութիւնը կը վտանգուէր, իր տունը կը խորտակուէր: Բայց կ՛ապրէր: Հայ լեզուն մոլորական հովուն պէս կը ճամբորդէր լեռներուն միջեւ, գետերուն քով, ծովերուն վրայ: Ան հիմա կ՛ապրի տարբեր վանքերու մէջ, քաղաքի մէջ, գիւղի մէջ, ագարակի մէջ: Բայց ինչի՞ համար: Ըսելու «տո՞ւն», «ճա՞շ», «մա՞յր», «հա՞յր», «խոհանո՞ց»:

Թէ՞ ըսելու «բնութիւն` մայրը որ ինծի կեանք տուաւ»: Կիրքով ըսելու` «ինչո՞ւ հոս եմ»:

 ԹԵՆԻ ԱՐԼԵՆ

Քաղաքական Անդրադարձ. Երբ Ռուսիա Մէկ Աչքով Կը Նայի…

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Վերջերս ռուսական լրատուամիջոցներ, նաեւ ինքնահռչակ քաղաքագէտներ եւ վերլուծաբաններ սուր կերպով քննադատեցին Երեւանի արտաքին քաղաքականութիւնը եւ մեղադրեցին Հայաստանը` իբրեւ «դաւաճանող դաշնակից»: Հայոց պատմութեան գիրքերէն բոլորս ալ կը յիշենք նշանաւոր ռուս իշխան Լոպանովի  խօսքը. «Այո՛, մենք կ՛ուզենք Հայաստան, սակայն` առանց հայութեան»: Անշուշտ ասիկա ըսել չէ, որ այլ դաշնակիցներ պէտք է փնտռել, Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքը կը ստիպէ, որ Հայաստան քաղաքական դաշինքի մէջ մտնէ Ռուսիոյ հետ, եւ ուշ կամ կանուխ Մոսկուա պիտի գիտակցի, որ Հայաստան շրջանին մէջ իր միակ դաշնակիցն է: Այս յօդուածով կ՛ուզեմ անդրադառնալ ներկայիս Քրեմլինի մէջ գոյութիւն ունեցող ծայրայեղական խմբակի մը, որ ազդուած է քաղաքական փիլիսոփայ Ալեքսանտր Տուկինի գաղափարներէն:

Ո՞վ Է Ալեքսանտր Տուկին

1980-ական թուականներէն Ալեքսանտր Տուկին վերլուծումներ հրատարակած է Խորհրդային Միութեան եւ ապա Ռուսիոյ եւրասիական քաղաքականութեան վերաբերեալ: Ան տարիներ շարունակ եղած է նախագահ Փութինի խորհրդականը, եւ ներկայիս Եւրասիոյ մէջ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը կ՛առաջնորդուի տուկինեան գաղափարախօսութեամբ: 2014-ին ան հրապարակեց իր նշանաւոր գիրքը` «Եւրասիոյ առաքելութիւնը», ուր, ըստ Տուկինի, 21-րդ դարը պիտի յատկանշուի Եւրասիոյ եւ ՕԹԱՆ-ի միջեւ պայքարով: Տուկին իր գիրքին մէջ կը նշէ, որ Ռուսիա ամէն ջանք պիտի թափէ պահպանելու համար իր շահերը Եւրասիոյ մէջ` դաշնակցելով երկիրներու հետ, որոնք հակաատլանտեան դաշինքին մաս կը կազմեն: Հոս պէտք է նշել, որ Ատլանտեան դաշինքին սիւներէն են Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը, իսկ Տուկինի համար Թուրքիա, Իրան եւ Ազրպէյճան կարեւոր դեր կը խաղան հզօրացնելու Ռուսիոյ դերը Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի մէջ:

Ըստ երեւոյթին, Տուկին պատմութիւնը եւ աշխարհաքաղաքականութիւնը ծուռ հասկցած է…

Ալեքսանտր Տուկին 2016-ին, ապրիլին արցախեան քառօրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք յօդուածով մը յայտարարեց, որ` «ղարաբաղեան հարցը լուծում չունի»: Ան նաեւ շեշտեց, որ այս պատերազմէն օգտուող միակ կողմը Միացեալ Նահանգներն են: Հաւանաբար Տունկին մոռցաւ նշելու, որ Ազրպէյճանն էր եւ ոչ թէ Միացեալ Նահանգները, որ պատերազմ յայտարարեց Արցախի դէմ:

Տուկինականութիւնը Եւ Հայաստանը

Ռուս պաշտօնական բանբերներ դարձեալ յայտարարեցին, որ Ռուսիա կը միտի բանակցային նոր հոլովոյթի մէջ մտնել արցախեան տագնապի լուծման շուրջ: Այս կոչին առիթով ահազանգ հնչեցուց Ռուսիոյ Համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի նախագահ Կենատի Զիւկանովը, որ դիտել տուաւ, թէ Խորհրդային Միութեան կողմէ ներկայացուած առաջարկը պէտք է վերակենդանանայ (ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութիւնը եւ համակեցութիւնը): Այս առաջարկին վստահօրէն աջակցեցաւ Ազրպէյճանը: Զիւկանով նաեւ շեշտեց, որ առանց Ռուսիոյ` չկայ խաղաղութիւն Հարաւային Կովկասի մէջ:

Եւ այսպէս, ռուսական լրատուամիջոցները, մէջը ըլլալով` պաշտօնական «Սփութնիք»-ը, հրապարակեցին «վերլուծութիւններ», որոնք կը կրէին հետեւեալ խորագիրները. «Հայաստան կը դաւաճանէ Ռուսիոյ», «Հայաստան կը լքէ Եւրասիական միութիւնը», «Հակառուսական զգացումներ Հայաստանի մէջ», «Հայաստան Ուքրանիոյ նման կը դառնայ Ռուսիոյ թշնամին», «Հայաստան ՕԹԱՆ-ին կրնայ անդամակցիլ»:

Անտրու Քորիպքօ` Ալեքսանտր Տուկինի երիտասարդ աշակերտնէրէն մէկը, չթաքցուց իր հակահայ զգացումները, երբ իրեն հետ կարճ վիճաբանութիւն մը ունեցայ համացանցի վրայ եւ նամակով մը պատասխանեցի անոր անհիմն վերլուծութիւններուն: Քորիպքօ, որ կ՛աշխատակցի «Սփութնիք»-ին, կը հաւատայ, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ մերձեցումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի մէջ, նոյնիսկ եթէ ատիկա ըլլայ փոքր երկիրներու հաշուոյն, մէջը ըլլալով` Հայաստանը, որ պէտք է «մոռնայ իր անցեալի պատմութիւնը եւ միանայ ռուսական դաշինքին, որուն մաս կը կազմեն նաեւ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը»: 29 օգոստոսին ան «Սփութնիք»-ի մէջ հրատարակեց «Արդեօք Հայաստանը, Սերպիան եւ Հնդկաստանը կը դաւաճանե՞ն Ռուսիոյ, թէ՞ կը հաւասարակշռեն զայն» խորագիրով յօդուած մը,  որուն մէջ քննադատեց այս երեք երկիրներուն վարած արտաքին քաղաքականութիւնը:  Անշուշտ յօդուածին մէջ շեշտը դրուած էր Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ վերջերս նախաստորագրուած համաձայնութեան վրայ, որուն վերջնական ստորագրութիւնը կը նախատեսուի նոյեմբերին: Ըստ երեւոյթին, Քորիպքոյի համար Հայաստան ռուսական նահանգ մըն է, եւ դժբախտաբար նախկին ցարական, ապա պոլշեւիկեան եւ ներկայիս ռուսական գաղութատիրական ու կայսերապաշտական քաղաքականութիւնը նոր թափ կը ստանայ Քրեմլինի մէջ` որոշակի ազգայնամոլ խմբակի մը կողմէ:

Քորիպքօ «Հայաստան կը լքէ Ռուսիան. ազդեցութիւններ Կովկասի վրայ» (10 օգոստոս  2017) խորագիրով այլ յօդուածով մը դարձեալ ասպարէզ կ՛իջնէ եւ կոչ կ՛ուղղէ ռուսական կառավարութեան` ամէն ջանք թափելու իր հակակշիռին տակ պահելու համար Հայաստանը եւ կը զգուշացնէ Հայաստանի «արեւմտամէտ-ազատական-ազգայնական» իշխանութիւնը` չդառնալու «Ամերիկայի քամիքազը»` հրահրելով պատերազմ մը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ: Քորիպքօ, դարձեա՛լ իր ուսուցիչին նման, կը մոռնայ, որ Հայաստանը չէր, որ պատերազմ յայտարարեց Ազրպէյճանի դէմ, եւ նոյնիսկ ազրպէյճանական իշխանութեան պաշտօնական բանբերները կը վկայեն այս մասին: Ըստ Քորիպքոյի, հայերը կը կարծեն, որ Ռուսիա հայ ժողովուրդին «պատմական պարտք» ունի, պարզապէս Քորիպքոյի սահմանափակ մտածողութեամբ` «հայերը ցեղասպանութեան ենթարկուած են օսմանցի թուրքերուն կողմէ, որովհետեւ դաւաճանեցին իրենց պետութեան ու դաշնակցեցան ցարական Ռուսիոյ հետ: Ռուսիա ներկայիս ոչ մէկ քաղաքական պարտք ունի այդ զոհերուն նկատմամբ եւ իր յարաբերութիւնները չի կրնար վտանգել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ»: Ան նաեւ կը գրէ, որ Ռուսիա զինամթերք կը տրամադրէ թէ՛ Հայաստանին եւ թէ՛ Ազրպէյճանին, որպէսզի զինուորական հաւասարակշռութիւնը պահպանէ Կովկասի մէջ եւ ոչ թէ քաջալերէ մէկը միւսին դէմ, ինչ որ Միացեալ Նահանգներ կը ջանան ընել: Քորիպքօ նաեւ յանգած է այն եզրակացութեան, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը հիմնուած է հակաթրքական եւ հակաազրպէյճանական քաղաքականութեան վրայ, հետեւաբար երբ Ռուսիա կը մօտենայ Անգարային եւ Պաքուին, իսկ Միացեալ Նահանգներ կը հեռանան անոնցմէ, բնականաբար Հայաստան պիտի մօտենայ Ուաշինկթընի: Վերջապէս, ան կը զգուշացնէ Հայաստանը, որ չխոչընդոտէ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ կողմէ ստեղծուած բազմաբեւեռ համաշխարհային կարգը, զոր կը ներկայացնեն Միջին Արեւելքի եւ Եւրասիոյ ուժերը` ընդդէմ Արեւմուտքին, եւ հարցականի տակ կ՛առնէ, թէ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ռազմական դաշինքը որքանո՞վ Ռուսիոյ օգտին է:

Ռուսիա այլ պատգամ մը հասցուց Հայաստանին` Սերկէյ Մարքովի միջոցով, որ բաւական ազդեցութիւն ունի Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան վրայ: Մարքով նախագահն է Ռուսիոյ Ազգային ռազմավարական խորհուրդին: Ան յուլիսին հարցազրոյց մը տուաւ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան` յայտարարելով, որ` «Երեւան երկու ճակատներու վրայ կը խաղայ»: Մարքով ըսաւ. «Այսօր բազմաթիւ երկիրներ սերտ յարաբերութիւններ ունին ՕԹԱՆ-ի հետ, ինչպէս` Վրաստանը, կան նաեւ` Ղազախստանը, Ազրպէյճանը եւ Պիելոռուսիան, որոնք շատ խիզախ եւ անկեղծ ձեւով յայտարարած են, որ լաւ յարաբերութիւններ ունին Արեւմուտքին եւ Ռուսիոյ հետ, իսկ հոն կայ Հայաստանը, որ կը պնդէ, թէ Ռուսիոյ դաշնակիցն է, սակայն անոր վարած քաղաքականութիւնը կը փաստէ հակառակը»: Մարքով կ՛աւելցնէ. «Հայաստանը կ՛օգտագործէ Ռուսիոյ հետ իր դաշնակից ըլլալը` անձնական շահերու համար, Հայաստան դժգոհ է, որ Ռուսիա բարեկամական սերտ կապեր կը մշակէ Ազրպէյճանի հետ եւ զէնք կը տրամադրէ` հզօրացնելով ազրպէյճանական բանակը, Հայաստան պարզապէս կը նախանձի ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն»:

Եզրակացութիւն…

Ռուսական ճնշումը վերջերս յստակ էր, եւ Հայաստան դարձեալ «գիշերային որոշումով» մը հրաժարեցաւ ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձին մասնակցելէ: Վրաստանի մէջ 3 սեպտեմբերին սկսած ՕԹԱՆ-ի «Agile Spirit 2017» ռազմափորձին կը մասնակցէին` Վրաստանը, Միացեալ Նահանգները, Պուլկարիան, Ռումանիան, Ուքրանիան, ինչպէս նաեւ` Հայաստանը: Հոս պէտք է յիշեցնել, որ Հայաստան մասնակցած էր Վրաստանի մէջ այս տարուան 30 յուլիսին տեղի ունեցած ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձին, բան մը, որ Ռուսիոյ տարբեր շրջանակներուն մէջ դժգոհութիւն յարուցեց: Արդէն իսկ մասնակցութեան որոշումը շատ ալ տեղին չէր, սակայն Երեւանի վերջին վայրկեանի «ոչ»-ը արեւմտեան շրջանակներուն մէջ որոշ հարցադրումներ յառաջացուց Հայաստանի վարքագիծին նկատմամբ:

Հոս կարեւոր է վերահաստատել նաեւ, որ Հայաստան չի կրնար վարել արտաքին քաղաքականութիւն մը, որ կը հակասէ Ռուսիոյ շահերուն, սակայն ճկունութիւնը պէտք է պահէ` մասնաւորապէս ընդլայնելու իր տնտեսական յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան ու Հնդկաստանի հետ եւ տնտեսական ու ռազմական յարաբերութիւնները` Չինաստանի հետ: Հայաստանի իշխանութիւններուն կը մնայ աշխուժ ու սերտ յարաբերութիւնները շարունակել Քրեմլինի հետ եւ նուազեցնել տուկինական ազրպէյճանամէտ ազդեցութիւնը` վստահեցնելով ռուսական իշխանութիւններուն, որ Հայաստան չի կրնար դառնալ հակառուսական գործելադաշտ մը: Իսկ ինչ կը վերաբերի  սփիւռքին, մասնաւորապէս` սփիւռքահայ գործարարներուն, ապա անոնք պէտք է ամէն ջանք թափեն Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման համար եւ ձերբազատեն երկիրը ռուսական շուկայէն ունեցած անոր տնտեսական կախեալութենէն, մանաւանդ որ ռուսական տնտեսութիւնը կախեալ է քարիւղի գիներէն: Հայաստան միայն տնտեսական ազատագրումով կրնայ «սահմանափակ», բայց ճկուն արտաքին քաղաքականութիւն մը վարել:

Շատ անգամ ըսած եմ եւ դարձեալ կը կրկնեմ. «Ռուսիան Հայաստանի դաշնակիցն է, սակայն` ոչ բարեկամը…»: Քաղաքականութեան մէջ չկան բարեկամներ, այլ միայն ու միայն` շահեր…

Yeghia.tash@gmail.com

Հոկլընտ Եւ Զախարովա…Համերաշխ Զոյգը

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Համալսարանի ուսուցիչներէս մէկէն լսած եմ հետեւեալ ասոյթը. «Երբ քաղաքական դէմք մը այո ըսէ, ըսել կ՛ուզէ` հաւանաբար. երբ ըսէ հաւանաբար, ըսել կ՛ուզէ` ոչ. իսկ երբ ոչ ըսէ, կը նշանակէ, որ այդ անձը քաղաքական դէմք չէ…»:

Անցնող օրերուն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Հոկլընտի ծանօթ յայտարարութիւնը անպայման վերի ասոյթին հետ պէտք չէ կապել, որովհետեւ մարդը իր գիտցածը կ՛ըսէ` հայկական ուժերը պէտք է քաշուին, միայն «ապահով» կապ մը Լաչինի վրայով եւ ասոր նման ձանձրոյթ պատճառող բաներ: Ձանձրոյթ պատճառող, որովհետեւ 25 տարիէ ի վեր նոյն բաները կը լսենք:

Հայկական մամլոյ կամ ընկերային ցանցերու միջավայրին մէջ դէմքերը անմիջապէս խոժոռեցան, խիստ ու «անզիջող» երեւոյթ մը ստացան ի լուր Հոկլընտի ըսածներուն (ուր, ի դէպ, ոչ մէկ նորութիւն կար, բացի շեշտադրումի տարբերութիւններէ): Այս աւելորդ ու անտեղի «խոժոռացում»-ին իբրեւ պատասխան եւ թարմացնելու համար յիշողութիւնները` ըսենք, որ մօտաւորապէս մէկուկէս տասնամեակ առաջ եւս Մ. Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ անձնապէս եւ իր պետական քարտուղար Քոլին Փաուըլ, Քի Ուեսթի մէջ, մեզի տարբեր բաներ չէին առաջարկեր, չէ՞: Երեք օր տեւած մարաթոն բանակցութիւններու ընթացքին հայկական կողմը «քննելէ» զատ, խօսելէ զատ, «բանակցելէ» զատ` ուրիշ քայլ մը չառաւ: Տարբեր խօսքով, մնաց դիւանագիտական խաղի կանոններուն մէջ:

Բայց, եկէք, իրապաշտ ըլլանք. շատ հաւանաբար Ազրպէյճան ինք եւս «ձանձրացած է» հայկական կողմէն նոյն պատասխանները լսելով` «հա, խօսինք, բանակցինք, ինչո՞ւ չէ, ըսուածներուն մէջ քննելիք կէտեր կան, չենք ըսեր` չկան…»:

Հայկական կողմը 1994-էն ի վեր իրականութեան մէջ նոյն պատասխանն է, որ կու տայ: Հայկական քաղաքական կուսակցութիւն մը, քաղաքական հոսանք մը, խորհրդարանական խմբաւորում մը կրնայ (եւ հաւանաբար պէտք է) աւելի կարծր ու կտրուկ վերաբերում ունենալ «հոկլընտեան» այս հին ճաշին, որ մեզի կը հրամցուի նոր պնակի մէջ: Սակայն պաշտօնական Երեւանը «կը խօսինք, կը բանակցինք» ըսելէ զատ` ուրիշ բան չէ ըսած: Եւ ցարդ պարզուած ընդհանուր պատկերը հաշուի առնելով` ճիշդ ալ ըրած է: Իրար չանցնինք եւ անպայման հարցերուն չմօտենանք իշխանութիւններուն նկատմամբ մեր համակրանքի կամ հակակրանքի տեսանկիւնէն:

 

Այս յօդուածագիրին համոզումով, միակ տեղը, ուր հայկական դիւանագիտութիւնը լրջօրէն վրիպեցաւ եւ սխալեցաւ, այդ ալ պաշտօնական Ստեփանակերտը բանակցութիւններէն դուրս պահելու ճնշումին ենթարկուիլն էր, նախագահ Քոչարեան-Օսկանեան զոյգի օրերուն:

Հոկլընտը գնաց, տեղը ուրիշ մէկը եկաւ: «Կուկըլ» ընելը անիմաստ է ստուգելու համար, թէ քանի՛ եռանախագահներ գացին ու եկան, կամ եռանախագահող երկիրներուն մէջ քանի՞ նախագահներ ընտրուեցան ու անցան գացին: Կարեւոր ալ չէ: Էականը այն է, որ 1994-էն ի վեր հայկական կողմը կը մնայ հետեւողական, իր` «բանակցինք, քննենք, խօսինք, ինչո՞ւ չէ» կեցուածքին վրայ:

Գանք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Զախարովային:

Քանի մը օր առաջ Մինսքի խումբի համանախագահներու ինքնաշարժին ուղղութեամբ կրակ բացուեցաւ, երբ անոնք կը գտնուէին հայկական Չինարի գիւղին մօտ` հսկելու համար սահմանային վիճակին: Կրակը բացուեցաւ Ազրպէյճանի զինուորական` հանդիպակաց կողմի դիրքերէն: Սա անշուշտ դիւանագիտական առումով գայթակղութիւն է, որ պէտք է աղմուկ հանէր նոյնինքն ԵԱՀԿ-ին կողմէ: Սակայն լուրջ դատապարտանքի խօսք չլսուեցաւ: Ըսին` պիտի քննենք, տեսնենք:

Իսկ Զախարովա նոյն դէպքին մասին հինգշաբթի  յայտարարեց. «Իրավիճակի սրման դէպքում, մենք միշտ կոչ ենք արել կողմերին` հաւասարակշռուած մօտեցում ցուցաբերել, որի նպատակը կը լինէր ոչ թէ իրավիճակի լարումը, այլ` քաղաքական կարգաւորման հասնելը: Կարծում եմ փորձագէտները կ՛ասեն իրենց խօսքը` դէպքի վայրում ուսումնասիրելով հանգամանքները»:

Լարուածութեան առաջնորդող քայլերու չդիմելու մասը հասկցանք, խնդիր չունինք: Սակայն այդ «փորձագէտները» ի՞նչ պիտի քննեն. ա՛յդ էր, որ չհասկցանք: Պիտի քննեն տեսնելու, թէ ի՞նչ տրամաչափի զէնքով կրակ բացուած է, կամ` ի՞նչ անկիւնէ կրակուած է: Անիմաստ բաներ, որովհետեւ ո՛չ զինուորական մասնագէտ, ո՛չ ալ «փորձագէտ» ըլլալու կարիքը կայ օր ցերեկով եղածը տեսնելու, որ կրակը բացուեցաւ… Ազրպէյճանի՛ դիրքերէն` ԵԱՀԿ-ի պաշտօնատարներուն ուղղութեամբ: Հիմա, ի՞նչ կարեւոր է, թէ «Քալաշնիքով»-ո՞վ կրակուած է, թէ Էմ-16-ով (օրինակի համար), եւ կամ` ճիշդ քանի՞ մեթրէն կրակուած է… Անհեթեթ մանրամասնութիւններ են, չէ՞:

Սակայն Զախարովա կը զլանայ «զոյգ մը խօսք» ըսելու Պաքուի, թէկուզ` դիւանագիտական լեզուով, որ կարելի չէ՛ նման ոտնձգութիւն. եւ այս ալ` քանիերորդ անգամը ըլլալով: Զախարովա չդատապարտեց եղածը` հասկցանք, «մտահոգիչ» չնկատեց` ա՛յդ ալ հասկցանք: Սակայն կրնա՛ր Ազրպէյճանին հասկցնել, որ անընդունելի են նման արարքները:

Նեղսրտած երեխայի հոգեբանութիւն թող չվերագրուի մեզի, սակայն մեր ակնկալութիւնը տեղին է ու արդար: Նոյն Զախարովան, որ Երեւանի մէջ Նժդեհի արձանի բացման առիթով ըսելիք ունէր (եւ օրին, գէթ այս յօդուածագիրէն ստացաւ իր պատասխանը), հինգշաբթի բան չունեցաւ ըսելու ազրպէյճանական այս ոտնձգութեան մասին: Արձանի մը տեղադրումը Ռուսիոյ շահերուն համար «աննպաստ» էր, Ազրպէյճանի կողմէ ԵԱՀԿ-ի պաշտօնատարներուն դէմ կրակ բացուիլը… հէ՞չ:

Հարց չէ: Հայկական կողմը պիտի շարունակէ «բանակցիլ», «խօսիլ», «քննել», «նայիլ» ու «սերտել», այնքան ատեն որ խօսքը բանակցելու մասին է: Յիշելով վերի ասոյթը` ինչո՞ւ «ոչ» ըսել: Ուրիշ բան ալ թող չակնկալուի պաշտօնական Երեւանէն` ո՛չ Մոսկուայի, ո՛չ ալ ուրիշ մայրաքաղաքի մը կողմէ:

Երբ Հոկլընտ եւ Զախարովա «դիւանագիտական լեզու» կը գործածեն, այդ նոյն լեզուին ծանօթ են նաեւ ուրիշներ:

Բայց անհամ բան է, երբ Հոկլընտ եւ Զախարովա կը գտնուին տրամաբանութեան նոյն հարթութեան վրայ: Բայց միւս կողմէ` ինչո՞ւ զարմանալ, երբ ամբողջ համաշխարհային քաղաքական բեմը անհամցած է` ուժով մեծ, բայց քաղաքական իմաստութեան առումով` գաճաճներու անտրամաբանական յայտարարութիւններով ու քայլերով:

Հետեւաբար, իբրեւ ժողովուրդ եւ պետութիւն, մեզի կ՛իյնայ լաւ ճանչնալ այս պղտոր քաղաքական ջուրերը, որոնց մէջ ստիպուած ենք նաւարկելու:

 

 

Լոս Անճելըս

1 սեպտեմբեր 2017

Խմբագրական. Քաղաքականէն Եւ Ռազմականէն Ետք Նաեւ Արդարադատական

$
0
0

Ահաբեկչութեան դէմ պատերազմող լիբանանեան բանակի նահատակ զինուորներու աճիւններու ծինային համապատասխանելիութեան արդիւնքներու պաշտօնական յայտարարութիւնը ցաւի համընդհանուր մթնոլորտին առընթեր տեղի տուաւ նաեւ քաղաքական բեմի վրայ ամբաստանութիւններու, մեղադրանքներու եւ հետաքննութիւններու պահանջի:

Լիբանանեան բանակի եւ Դիմադրութեան յաղթարշաւի ընթացքին իսկ քաղաքականացուած վերլուծումները, ահաբեկիչներու յանձնման գործողութեան համաձայնութեան տարատեսակ մեկնաբանութիւնները, ներլիբանանեան հարթութեան վրայ կասկածանքի մթնոլորտի զարգացումը սկսան երկրորդական կարեւորութիւն տալ աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն ունեցող ռազմական գործողութեան յաջողութիւններուն:

Հիմա, սակայն, աւելի առարկայական փաստերու առջեւ է, որ լիբանանեան պետութեան բարձրագոյն բեմերէն կը հնչեն իրադրութիւններու քողազերծման հրամայականը, հետաքննութիւններու մեկնարկին անյետաձգելիութիւնը եւ արգելափակուած ահաբեկիչներու ազատութեան մէջ յայտնուելով, անոնց ունեցած դերակատարութեան բացայայտումը` լիբանանցի զինուորներու սպանութեան գործին մէջ:

Կայ պատասխանատուութեան խնդիր եւ ամէնէն ճակատագրորոշ դեր ունեցած ըլլալու յանցանքով` հաշուետուութեան պարտադրանքին դիմաց կանգնելու պահանջ:

Այս բոլորը կրնան նպաստել, որ Լիբանանը դէպի իրաւական պետութիւն իր կայացման գործընթացին մէջ կարենայ առնել անհրաժեշտ քայլ: Ամենաթողութեան, անպատժելիութեան համոզումը հասարակութեան մօտ կրնայ դրական առումով խախտիլ, եթէ տեղի ունենայ քաղաքական նպատակներէ հեռու հետաքննութիւն, պատասխանատուներու բացայայտում եւ ապա արդարադատութիւն:

Լուրջ փորձաքարային հանգրուանի առջեւ  է լիբանանեան արդարադատութեան համակարգը: Եւ եթէ նախ քաղաքական մակարդակի վրայ արձանագրուեցան աննախադէպ հանգուցալուծումներ, անդամալոյծ պետական համակարգը սկսաւ բանիլ բնականոն կերպով, պետութեան ղեկավար օղակները ունեցան իրենց համապատասխան ղեկավարները, ապա ռազմական գետնի վրայ վերակայացաւ լիբանանեան զինեալ ուժերուն հեղինակութիւնը, երբ յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ յայտարարուած պատերազմը ունեցաւ իր բարւօք աւարտը, յաղթանակը:

Հիմա ցաւի, միաժամանակ հպարտանքի,  բայց նաեւ սուգի ընդհանուր մթնոլորտին մէջ վեր կ՛առնուին պատասխանատուներու բացայայտման հրամայականները:

Եւ ինչպէս որ արագ ընթացան քաղաքական հանգուցալուծման իբրեւ հետեւանք հետեւող իրադրութիւններն ու ռազմական գործողութիւններու բերումով ահաբեկչական տարրերու մաքրազտումն ու սահմանամերձ գօտիներու ազատագրումը, ապա նաեւ կ՛ակնկալուի, որ նոյն կշռոյթով արդարադատութիւնը ըսէ իր խօսքը:

Ասիկա այն զգայուն ոլորտն է, որ կա՛մ կրնայ յաւելեալ անվստահութեան մատնել հասարակութիւնը, կա՛մ ալ վստահութեան վերականգնումով լիբանանցի ժողովուրդին մօտ ամրակայէ իր պետութեան հանդէպ հաւատքը:

Այս վստահութեան, հաւաստիութեան եւ արդար հասարակարգ վաստկելու անկիւնադարձին առջեւ է Լիբանանը շեշտակիօրէն, թեւակոխելէ  ետք թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ զինուորական ճակատագրորոշ հանգրուանները:

Սուգ է ու ցաւ, բայց նաեւ վստահութիւն  վերականգնելու եզակի առիթ: Լիբանանցի նահատակ զինուորներու արիւնը լիբանանեան տարածքներ ազատագրելու առընթեր նաեւ ներլիբանանեան հաւատք եւ քաղաքացիական արդար հասարակարգ ձեւաւորելու գործընթացին կը ծառայէ անպայման:

Անցնող Շաբաթը Կատակ Չէր

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Այո՛, անցնող շաբաթը, ժողովրդային լեզուով, կատակ չէր։

Սկսինք թուել, ոչ անպայման ժամանակագրական կարգով.
Առաջին, Սեպտեմբեր 2ին, Արցախը պետականօրէն նշեց իր անկախութիւնը։

Երկրորդ, երկու օր վերջ, Հայ օգնութեան միութիւնը Ստեփանակերտի մէջ բացումը կատարեց Սօսէ մանկապարտէզին՝ այդ առիթով կազմակերպելով նաեւ հարիւրաւոր ՀՕՄուհիներու այցելութիւնը Արցախ, աշխարհի չորս ծագերէն։ Այս ձեռնարկը կայացաւ պետական մասնակցութեամբ՝ նախագահի մակարդակով։

Երրորդ, նոյն օրը, Երեւանի մէջ, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կազմակերպեց խորհրդաժողով մը՝ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ոտնձգութիւններուն դէմ մեր ընելիքներուն մասին ընդհանուր նիւթով։

Չորրորդ, դարձեալ Արցախի անկախութեան 26րդ տարեդարձին առիթով, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի կազմակերպութիւնը Եռաբլուրի մէջ տօնախմբեց այս անկիւնադարձային թուականը, միաժամանակ՝ կազմակերպեց նորագիրներու երդման արարողութիւն, որուն ընթացքին Հ.Յ.Դ.ին միացան աւելի քան 100 երիտասարդներ։

Հինգերորդ, Մ. Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբերը Պէյրութի մէջ գումարեցին իրենց խորհրդաժողովը, ինչպէս նաեւ հրապարակային զեկոյցով մը ներկայացան հանրութեան։

Վեցերորդ, Սեպտեմբեր 5ին, Շուշիի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ.՝ «Վահան Նաւասարդեան» անուանակոչուած կեդրոնի շէնքին բացումը, որ ֆինանսաւորուած էր Հ.Յ.Դ. Գանատայի կառոյցին կողմէ։

Եօթերորդ, այս բոլոր ձեռնարկներու ընթացքին, տպագիր կամ սփռուող մամուլին տրուած հարցազրոյցներու կամ ելոյթներու ճամբով, հանրութեան տրուեցան լայն լուսաբանութիւններ, որոնց հիմնական առանցքը բնականաբար Հայաստանի ամրապնդումը, Արցախի ռազմաքաղաքական դիրքերուն ուժեղացումը, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ մեր կատարելիք աշխատանքային դաշտի ընդհանուր արժեւորումն էր։

Ութերորդ, Հայաստանի մէջ կազմակերպուեցաւ զինուորական ճարտարարուեստի արտադրութիւններու իւրայատուկ ցուցահանդէս, որ իրականութեան մէջ մեր թշնամիներուն ուղղուած պատգամ մըն էր՝ ամէն բանէ առաջ։

Իններորդ, եւրոպական մամուլը լայնօրէն արձագանգեց Ատրպէյճանի կողմէ ելեւմտական ապօրինի գործառնութիւններու մասին լուրերուն, յստակ դարձնելով այն հանրայատ փաստը, որ աւելի քան 2 միլիառ տոլարի այս գործառնութիւնները կը ներառեն նաեւ այն կաշառքները, որոնք տրուած են զանազան քաղաքական գործիչներու։

Թերեւս (հաւանական տասերորդը…) եռօրեայ խորհրդաժողով մը անհրաժեշտ է այս բոլորին հանրագումարը ընելու, վերլուծելու եւ անհրաժեշտ դասերը քաղելու համար։ Սակայն փորձենք արագ նշումներ կատարել, թարմացնելու համար լուրերու այս տեղատարափին մէջ կքող յիշողութիւնները։
Առաջին հերթին, Արցախի անկախութեան պաշտօնական նշումին, ԼՂՀ նախագահը, վարչապետը եւ խորհրդարանի նախագահը իրենց ներկայութեամբ ու մասնակցութելամբ իսկ յստակօրէն «յայտարարեցին», թէ կառչած կը մնանք Արցախի ժողովուրդին կամքի արտայայտութիւնը հանդիսացող անկախութեան։
ՀՕՄը իր նախաձեռնութեամբ «յայտարարեց», թէ յանձնառու կը մնայ Արցախի մէջ ընկերային ու կրթական կարիքներուն նկատմամբ, եւ թէ այս կեցուածքը կը միտի աւելիով կազմակերպել հանրային կեանքը։

Եռաբլուրի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան 7 կէտերու մէջ խտացուց Դաշնակցութեան կեցուածքը Արցախի կապակցութեամբ։ Առաջին, յարգել 1991ին անկախութեան եւ անկէ ետք սահմանադրական հանրաքուէով արձանագրուած ժողովրդային կամքը եւ որեւէ լուծում, որ չ’ապահովեր ԼՂՀ անկախ կարգավիճակը եւ հողային ամբողջկանութիւնը, ընդունելի չէ։ Ան նաեւ եզրափակեց ըսելով. «Այսօր մենք այստեղ, Եռաբլուրում հաւաքուել ենք ոչ միայն նշելու Արցախի Հանրապետութեան 26-րդ տարեդարձը, այլ այս առիթով՝ այստեղ հանգչող մեր հերոսների շիրիմների մօտ՝ վերանորոգելու մեր ուխտը, որ հաւատարիմ ենք մնալու իրենց ուղուն, հաւատարիմ ենք մնալու իրենց ճանապարհին. չենք թողնելու, որ իրենց գերագոյն զոհողութիւնը ի զուր տեղը կատարուած լինի։ Իրենց սկսած գործը հասցնելու ենք աւարտին»։

Նոյն կեցուածքը արտայայտուեցաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի կողմէ, Երեւանի մէջ կայացած խորհրդաժողովին։ Ասոր յաջորդած մամլոյ հարցազրոյցներուն ընթացքին, թէ՛ Արմէն Ռուստամեան եւ թէ՛ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան ընդգծեցին նաեւ, որ Ատրպէյճան իրականութեան մէջ բանակցող կողմ չէ։ Ընդգծուեցաւ նաեւ օտար երկիրներու զանազան քաղաքներու եւ Ստեփանակերտի միջեւ «քոյր քաղաքներու» դրութիւնը զարգացնելու կարեւորութիւնը՝ իբրեւ ճնշամիջոց ԼՂՀի անկախութեան ճանաչման համար։
Այս խորհրդաժողովին իրենց զեկուցումներով մասնակցեցան նաեւ զինուորական ու քաղաքական փորձագէտներ, որոնք ընդգծեցին Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններուն նկատմամբ մեր կողմէ որդեգրուած զինուորական եւ քաղաքական քայլերը։

Իրականութեան մէջ, այս խորհրդաժողովը նաեւ պատգամ մըն էր Պաքուին, որ հայ քաղաքական ու զինուորական միտքը արթուն կերպով կը հետեւի դէպքերուն եւ անհրաժեշտութեան պարագային, Հայաստան ի վիճակի է մարտավարական ճշդումներ կատարելու իր առնելիք քայլերուն մէջ։
Մ. Արեւելքի մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը առիթ մը հանդիսացաւ, ընդարձակ զեկուցումներու եւ քննարկումներու ճամբով, որ բազմաթիւ երկիրներու մէջ մեր քաղաքական, յարաբերական ու քարոզչական աշխատանքներուն մէջ յաւելեալ յստակացումներ մտցնենք։
Քանի մը օր առաջ, երբ այս նիւթով խօսակցութիւն մը կ’ունենայինք ընկերոջ մը հետ, ան կատարեց հետեւեալ կարեւոր մատնանշումը. Թուրքիան սանձարձակ «կ’արշաւէ» արաբական աշխարհին մէջ, գրեթէ առանց հայկական դիմադրութեան, որովհետեւ ուժերը եւ մանաւանդ միջոցները անհաւասար են։ Սակայն եթէ մենք յաջողինք արաբական քանի մը բանալի պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն հետ մեր կողմէ ճշդուած յատուկ օրակարգով հանդիպումներ ունենալ, Թուրքիան անպայման նեղ կացութեան պիտի մատնուի։

Իրականութեան մէջ, իրապաշտ է այն մօտեցումը, որ արաբական աշխարհը ինքն իր մէջ կ’եռայ՝ շրջանային տագնապներուն բերումով։ Իսկ Թուրքիան դերակատար է արաբական այս խոցելի իրավիճակին մէջ։ Հետեւաբար, անիրականանալի պէտք չէ թուի 40 մեթր հեռաւորութենէն հայկական կօլ մը թրքական դարպասէն ներս։ Սա ինքնին ցոյց կու տայ Մ. Արեւելքի մէջ Հայ դատի յանձնախումբերու աշխատանքային դաշտի ընդարձակութիւնը, ուր դժուարութիւններուն կողքին կան նաեւ համապատասխան կարելիութիւններ։

Մէկ խօսքով, այս խորհրդաժողովը հայ քաղաքական միտքի զարգացումին համար նոր խթան հանդիսանալու ամէն պատճառ ունի։
Ցարդ մեր կատարած նշումներուն կապակցութեամբ, կը մնայ շատ կարեւոր բան մը։ Հայկական տպագիր կամ սփռուող մամուլը, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, պարտաւոր է քննարկումներու, վերլուծումներու, կլոր սեղանի առողջ բանավէճի կամ այլ միջոցներով, հանրութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու այս անցնող շաբթուան իրապէ՛ս հեւքոտ անցուդարձերուն վրայ։

Այս ընելով, մեր մամուլը նախ անհրաժեշտ լուսաբանութիւնները կու տայ եւ ներքին տրամաբանութիւնը կը բացատրէ մեր ժողովուրդին։ Երկրորդ, այս ձեւով նաեւ, մեր մամուլը մտած կ’ըլլայ իր իսկական դերին մէջ՝ հանրային կարծիքը «հաւաքագրել» ու զինուորագրել Հայաստանի համար առանցքային խնդիրներու շուրջ։ Եւ երրորդ, մեր մամուլը այս ընելով, նպաստած կ’ըլլայ մեր ժողովուրդի քաղաքական դաստիարակութեան եւ բարձրացուցած կ’ըլլայ անոր քաղաքական գիտակցութեան մակարդակը։ Երկու շաբաթ առաջ այս յօդուածագիրը անդրադարձած էր քաղաքականացումի անհրաժեշտութեան, չէ՞։ Ահաւասիկ բացատրութեան փորձ մը՝ թէ ինչ կը հասկնանք քաղաքականացում ըսելով։

(Փակագիծ. մինչեւ ե՞րբ մեր մամուլը պիտի վխտայ ինքնաշարժի արկածներու, այս կամ այն տան մէջ օձերու յայտնաբերումին, կամ թէ ո՞ր պաշտօնեան ինչքանո՞վ վաճառած կամ գնած է իր ինքնաշարժը ու նման կեղծ լուրերով)։

Այնպէս որ, մտքերու փոթորիկ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը կայ հայկական ընդհանուր միջավայրէն ներս, մանաւանդ երբ աչքի առջեւ ունենանք անցնող շաբաթը, որ իրապէս…կատակ չէր։

Լոս Անճելըս
7 Սեպտեմբեր 2017

Հայաստանը Սփյուռք չէ

$
0
0

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Հակառակ յոռետեսներուն, հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ։ Յառաջիկայ շաբաթ՝ 18էն 20 Սեպտեմբերին կայանալիք Հայաստան-Սփիւռք վեցերորդ համահայկական համաժողովը պիտի կարենա՞յ դրական ոստումներ կատարել դէպի վաւերական ազգային միաւորում եւ իրապաշտօրէն միատեղ աշխատանքի համադրում՝ ի խնդիր հայրենիքի վերելքին եւ սփիւռքի կազմակերպական ամրապնդման։

Մեկնելով նախորդող հինգ համաժողովներու փորձառութենէն, թերեւս հասկնալի եւ դիւրին է յոռետեսական թէ ցինիկական տրամաբանութեամբ ի յառաջագունէ վճռել, թէ գալիք համահայկական հանդիպումը պիտի ըլլայ քարոզչական ու ինքնացուցադրման ազգային աւելորդ մարզանք մը, որ որեւէ որակական յառաջընթաց կամ օգտաշատ քայլ պիտի չկարենայ տրամադրել հայրենիք –սփիւռք յարաբերութիւններու հետեւանքային ակնկալութիւններուն։

Դժբախտաբար, հայրենի իշխանութեան կողմէ ցարդ ներկայացուած բացատրութիւնները եւ կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւնները չեն սատարեր ակնկալութիւններու բարձրացման եւ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու վերաւորակաւորման յոյսերու զարգացման։ Թերեւս այս մտահոգութիւնները իսկապէս անտեղի են։ Ի վերջոյ հայրենի իշխանութիւնները եւ սփիւռքի ղեկավար շրջանակներու ներկայացուցիչները այս հարցերու քննարկման եւ ճիշդ լուծումներու որոնման երկար ճամբայ կտրած են։ Ուստի, հաւանաբար ժամանակը հասած է, որ մեր բոլորին համար կարելի եւ ընդունելի լուծումներու բանալին գտած ենք։

Լաւատեսութիւնը կրնայ նոյնքան բարեբեր հետեւանքներ ունենալ, որքան յոռետեսութեան ժխտական տրամադրութիւններու բացասական վերաբերմունքները։ Այս հակադիր բեւեռներու միջեւ կը տարուբերի հայ մարդը՝ հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ՝ ի տես յառաջիկայ շաբթուան համահայկական համաժողովի աշխատանքներուն։

Ուստի, մեզի կը մնայ առարկայականօրէն մօտենալու Հայաստան-Սփիւռք վեցերորդ համահայկական համաժողովի իրագործելիք առաջադրութիւններուն։

Նախ պէտք է հաստատել, որ այս համաժողովները ցարդ եղած են աւելի ձեւական, ծիսական, եւ բաղձանքային։ Ինչպէս առածը կ՚ըսէ, «թող օտարը մեզ գործի վրայ տեսնէ», հոգ չէ թէ գործը պարզապէս ծիսակատարութիւն է։ Յառաջիկայ համաժողովը կը խոստանայ ըլլալ տարբեր, այսինքն՝ ծիսակատարութենէ անդին՝ գործնական եւ աշխատանքային։

Այպէս, ի տարբերութիւն նախորդող հինգ համաժողովներէն, այս հանդիումը պիտի քննէ, գործնականացնէ ու հաստատէ Հայաստան-Սփիւռք փոխադարձ վստահութեան, միասնականութեան եւ պատասխանատուութեան սկզբունքները։ Երկրորդ, այս համաժողովին պիտի ներկայացուի համահայկական խորհուրդի մը կազմութեան առաջարկը՝ առ ի վաւերացում։

Հակառակ իրենց լոզունգային բնոյթին եւ էութեան, պէտք է քննել Հայաստան-Սփիւռք փոխադարձ վստահութեան, միասնականութեան եւ պատասխանատուութեան սկզբունքները։ Ասոնք իսկապէս առանցքը կը կազմեն հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ արդիւնաւէտ գործակցութեան։

Սկսինք շատ պարզ թուող փոխադարձ վստահութեան առաջարկով։ Հայրենիքը եւ սփիւռքը չեն կրնար փոխադարձ վստահութիւն չունենալ։ Հայրենիքը կը վստահի եւ կ՚ապաւինի սփիւռքին։ Փոխադարձաբար, սփիւռքը կը վստահի եւ կը գոյատեւէ հայրենիքով։ Սակայն, այս տեսակի փոխադարձ վստահութիւն պարզապէս զգացական բնագաւառով կը սահմանափակուի։ Զգացականէն անդէն գոյութիւն ունին քաղաքականի եւ ղեկավարումի բնագաւառները։

Աւելի քան ինը տասնամեակներ, սփիւռքը ինքզինք ղեկավարած է եւ ըստ այնմ ճշդած է իր քաղաքական առաջնահերթութիւնները։ Դժբախտաբար, սովետական շրջանի հայրենի կառավարութիւնը տեւաբար փորձած է տասնամեակներ շարունակ խանգարել քաղաքականացած ու կազմակերպուած սփիւռքի ինքնաղեկավարման գործընթացը։ Թերեւս ճիշդ չէ կրկին անգամ հին վէրքեր բանալ, բայց յանուն մեր ազգային պատմութեան, կարելի չէ չմատնանշել այն անվստահութեան մթնոլորտը, որ հայրենի խորհրդային իշխանութիւնները փորձեցին տարածել մեր գաղթօճախներու երկայնքին ու լայնքին։ Այս անվստահութեան վերաբերմունքը շարունակուեցաւ մինչեւ Հայաստանի Կոմկուսի առաջին Քարտուղար Կարէն Դեմիրճեանի օրերը, որ տակաւին 1972ի հայ կոմկուսի գերագոյն նիստին անհաշտ պատերազմ կը յայտարարէր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ անոր կողմէ կազմակերպ սփիւռքի գաղութներուն դէմ։

Նաեւ չմոռնանք անկախ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի անհաշտ կռիւը Դաշնակցութեան եւ անոր կազմակերպ սփիւռքին դէմ, ուր ըստ առաջին նախագահին կը գործէին «նարինջ ուտող» սփիւռքահայերը, որոնց ոչ մէկ կերպով թոյլ պիտի տրուի, որպէսզի «կառավարեն» Հայաստանը։ Եւ Տէր Պետրոսեանական ՀՀՇականները գործի լծուած էին ոգի ի բերան պառակտելու Սփիւռքը, որպէսզի Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ սփիւռքահայերը «չզաւթեն» հայրենի իշխանութեան ղեկը։

Բարեբախտաբար, այսօր մեր ետին ձգած ենք սփիւռքը պառակտելու եւ պառակտուած գաղթօճախներուն տիրելու պոլշեւիկեան օրերը եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանական սփիւռքն ու Դաշնակցութիւնը արհամարհելու ժամանակահատուածը։

Այսուհանդերձ, փոխադարձ վստահութեան առաջարկը կը մնայ ի զօրու՝ աւելի քան երբեք։ Հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ փոխադարձ վստահութեան հարցը ներքին հայրենական թէ ներքին սփիւռքեան խնդիրներու առնչութեամբ տարբեր, տարակարծիք կամ ուղղակի հակադրուող կեցուածներով պէտք չէ սահմանել եւ պէտք չէ սահմանուիլ։ Փոխադարձ վստահութիւնը, այս մակարդակի վրայ, կը վերաբերի քաղաքական, ղեկավարման, վարչատնօրինման եւ առաջնահերթութիւններու։

Հայրենիքը եւ սփիւռքը ունին իրենց սեփական քաղաքական ու վաչական ղեկավարման դրութիւնները եւ ներքին սեփական առաջնահերթութիւնները։ Սփիւռքը պէտք է ընդունի հայրենիքի սեփական մօտեցումները եւ, փոխադարձաբար, հայրենիքը պէտք է ընդունի սփիւռքի սեփական մօտեցումները։

Ուղիղ տարի մը առաջ, առանցին յօդուածով մը կը մատնանշէի թէ Սփիւռքը Հայաստան չէ։ Նոյն իմաստով, Հայաստանը սփիւռք չէ։

Փոխադարձ վստահութիւնը հիմնուած պէտք է ըլլայ այս սկզբունքային հասկացողութեան, ըմբռնողութեան եւ մօտեցումին վրայ։ Այլապէս, փոխադարձ վստահութիւնը պիտի վերածուի անստուգելի վարուելակերպի, իսկ միակ տուժողը պիտի ըլլան այն ազգային ու քաղաքական օրակարգերը, որոնք հիմքը կը կազմեն մեր ազգային առաքելութեան ու հաւաքական ճակատագրին։

Հայրենի իշխանութիւնները պէտք է ըմբռնեն եւ ընդունին սփիւռքի սեփական ղեկավարման նախապայմանները եւ օրակարգային առաջնահերթութիւնները։

Լոս Անճելըս,
Սեպտեմբեր 7, 2017


Ազգային Աւանդութիւններու Պահապան-Յուշարարին` Եղիսաբէթ (Խըսըմ) Շահինեանի Յիշատակին (Փոխան Ծաղկեպսակի)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Պատկեր առաջին:

Առաւօտեան ժամուն, ազնուահոգի բարեկամի մը (նախկին արագածցի) գործատեղին նստած կը զրուցէինք գաւաթ մը սուրճի շուրջ: Յանկարծ կը մտնէ վաղեմի ընկեր մը (դարձեալ արագածցի): Երբ զիս կը տեսնէ, անոր առաջին արտայայտութիւնը կ՛ըլլայ հետեւեալը. պէտք է անպայման գրես մեր խըսըմին մասին` քառասունքին առիթով, անոր վաստակը շատ է եւ յիշատակը միշտ յարգելի:

Ընկերական ոգիով լեցուած հրահանգ մըն էր` ուղղուած հաւատաւոր ընկերոջ մը կողմէ: Անմիջական հակազդեցութիւն մըն ալ ունեցաւ մեզ հիւրընկալողը, ըսելով`  մեզմէ ո՞վ կրնայ մոռացութեան տալ Եղսա թանթիկին էմէկը, նուիրում-աշխատանքը:

Պատկեր երկրորդ:

Քանի մը օր ետք, երբ ա՛լ որոշեցի սպիտակ թուղթին յանձնել ապրուած կեանքի մը յուշերը, արդէն մտքի պաստառիս վրայ ուրուագծուեցան այնպիսի պատումներ եւ յիշատակներ, որոնք անթեղուած էին ներաշխարհիս մէջ եւ կարծես կ՛ուզէին յեղակարծ լոյսին գալ, արեւու ջերմութեամբ ողողուիլ, մարդկային վսեմ ապրումներով շաղախուիլ ու խաղաղութեամբ լեցուիլ:

Ստորեւ` յիշատակներու մէկ չնչին պատկեր մը, որ այս պարագային կը վերաբերի նոյնինքն Եղսա թանթիկին, որ խորքին մէջ ըլլալով համեստ թաղեցի ու խոնարհ  հայուհի մը, միշտ ալ նուիրումով աշխատած է իր ողջուց:

Պատեհ է ընդգծել, որ առանձնացնել Եղսա թանթիկի անունը, չի նշանակեր, որ զանց առած կ՛ըլլանք ամբողջ թաղամասի մը մէջ ապրած բազում նուիրեալներու  կեանքն ու աշխատանքը, ատոնք ալ իրենց կարգին վաստկած են նոյնքան սէր ու յարգանք, որքան` Եղիսաբէթ Շահինեան:

Ահա այս մօտեցումով է, որ հակիրճ պատմական ճշմարտութիւն ընդգրկող տողեր ուզեցինք սեւով ճերմակին յանձնել, յատկապէս Արագած թաղամասի մասին, որուն մէկ հեզահամբոյր ներկայացուցիչն է եղած Եղսա թանթիկը:

Պատանեկութեան օրերէն, աւելի քան քառասուն տարի, Պուրճ Համուտի Արագած թաղամասի Եղիսաբէթ Շահինեանի մտերմութեան հետ ապրելու բախտն ու պատիւը ունեցած եմ,  ունեցած են նաեւ իրերայաջորդ սերունդներ:

Սերունդներ, որոնք ծնած ու հասակ առած են այդ ֆոլքլորիք թաղամասին մէջ: Թաղամաս, որ ունեցած է եզակի ազգագրական պատկեր եւ հայաշունչ մթնոլորտ:  Աւելի՛ն. Արագածի թաղամասը եղած է հայահոծ շրջան, ունեցած է դպրոց(ներ), եկեղեցի, հայրենակցական միութիւն ու դաշնակցական ակումբ, որ ցարդ կը գործէ եւ կը շարունակէ իր ծառայութիւնը մատուցել շրջանի հայութեան:

Այո՛, դաշնակցական ակումբ, որուն մասին արդար է բարձրաձայն յայտնել եւ առանց վերապահութեան ընդգծել, որ այս կառոյցը եղած է շրջանին մէջ ապրող հայութեան (առանց գաղափարական ու յարանուանական խտրութեան) տունն ու գաղափարական ամրոցը:

Շրջանի ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութիւնը ամբողջ տասնամեակներ, մանաւանդ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, ցոյց տուաւ այնպիսի նուիրում եւ զոհողութիւն, որ պատիւ կը բերէ մեր կուսակցութեան եւ ժողովուրդին:

Ի դէպ, յիշեցնե՞լ է պէտք, որ այս շրջանը կազմաւորուած է Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն վերապրած մեր մեծ հայրերուն եւ մայրերուն քրտինքով, նուիրումով եւ ջանասիրութեամբ: Շրջանը տակաւ զարգացած ու բարգաւաճած է մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը` 1975 թուական, երբ եղբայրասպան եւ խօլ պատերազմը, ամբողջ 15 տարի, իր սեւաթոյր զգեստն ու սահմռկեցուցիչ աւերները տարածեց նաեւ այս փոքրիկ շրջանին վրայ` պատճառ դառնալով աննման տղոց նահատակութեան եւ հարազատներու կորուստին, տուներու ու շէնքերու քանդումին եւ հայաթափման:

Արդ, ո՞վ էր ան, որ առաւելաբար ճանչցուած էր Եղսա թանթիկ կամ խըսըմ (ազգական) մակդիրով: Ինչո՞վ կը տարբերէր ուրիշներէ, մարդկային ինչպիսի՞ յատկութիւններով օժտուած թաղեցի մայր մըն էր ան, ինչո՞ւ այսքան սէր ու յարգանք կը վայելէր իր շրջապատէն, եւ վերջապէս, ի՞նչն է, որ մեզ կը պարտաւորեցնէ գրել ու խօսիլ, յիշել ու յիշատակել, վերապրիլ ու վերապրեցնել այն բոլոր պատումները, որոնք մօտէն կ՛առնչուին Եղսա թանթիկին:

Խոստովանինք, թէ քիչ կը պատահի, որ անձի մը անունը ուղղակիօրէն կապուի իր շրջապատին, թաղին ու միջավայրին: Այլ խօսքով, եթէ երբեք ապագային խղճամիտ ու անաչառ պատմաբան մը ուզէ գրել Արագած թաղամասի 100-ամեայ պատմութեան մասին, լոյսին բերելով հայահոծ այս շրջանի ազգագրական պատկերն ու անհատներու դերակատարութիւնը, անտարակոյս, Եղսա թանթիկի ու անոր նման բազում նուիրեալներու անունները հպարտօրէն պիտի արձանագրէ եւ յիշէ զանոնք:

Եւ ահա, այս հայատրոփ եւ քաջասիրտ թաղամասի զաւակն էր բոլորիս սիրելի Եղիսաբէթ Շահինեանը` Եղսա թանթիկը, որ աւելի քան կէս դար ծառայած էր շրջանի հայութեան եւ բարօրութեան: Հակառակ անոր որ ան եղած էր բազմանդամ ընտանիքի մայր (երկու ուստեր եւ երկու դուստր), Եղսա թանթիկը միշտ ալ ժամանակ եւ տրամադրութիւն գտած էր հասնելու շրջանի հայութեան կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ հարազատներուն:

Փաստօրէն, Եղսա թանթիկ կանուխ տարիքէն անդամագրուելով ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղին, երկար տարիներ, նուիրումով եւ համբերատար ոգիով իր անմնացորդ ծառայութիւնը մատուցած էր շրջանի հայութեան, խաղաղ թէ պատերազմի օրերուն:

Այսուհանդերձ ինչպիսի՞ նկարագրային առանձնայատկութիւններ ունէր մեր թաղեցին, որ կրցած էր իր ներկայութեամբ լեցնել բոլորիս սրտերն ու հոգիները:

Բոլորիս հարազատ Եղսա թանթիկը ուրիշներէ կը տարբերէր իր խանդավառ եւ միշտ լաւատեսի յատկութեամբ: Ան իր փոքրիկ կրպակին մէջ նստած ամբողջ կեանք մը կը լեցնէր իր ներկայութեամբ: Բոլորը` հայ թէ տեղացի, իսլամ թէ քրիստոնեայ կը ճանչնային մեր խըսըմը: Ան, իր կարգին, մեծ ու փոքրին կը տածէր սէր ու յարգանք եւ իր համակ մարդասիրութեամբ կլանած էր թաղեցիներուն սրտերը:

Գրեթէ ամէնօրեայ ներկայութեամբ, Եղսա թանթիկ լսելի կը դարձնէր իր ձայնը: Ան մօտէն կը հետաքրքրուէր իւրաքանչիւրի մասին, բաժնեկից կը դառնար բոլորին ուրախութեան, սուգին, տառապանքին եւ յաջողութիւններուն: Չէ պատահած, որ ան, որեւէ պարագայի, նեղացնէ դիմացինը կամ ժխտական վերաբերում ցուցաբերէ անոր նկատմամբ:

Նոյնիսկ պատերազմի ամէնէն դառն վայրկեաններուն, անոր ժպիտն ու ներողամիտի հայեացքները անպակաս էին: Համարձակ էր ան, չէր վարաներ ըսելու իր խօսքը, կը յայտնէր իր կեցուածքը եւ միշտ հաշտարարի մօտեցումով կը հարթէր ամէն մտահոգութիւն եւ խոչընդոտ:

Եւ երբ քաղաքացիական պատերազմը կը պայթէր, արդէն Եղսա թանթիկ կազմ ու պատրաստ էր իր մայրական հոգածու եւ անմնացորդ նուիրումը ի սպաս դնելու շրջանի հայութեան, ի մասնաւորի` ակումբի տղոց, որոնք տիւ եւ գիշեր ստանձնած էին իրենց ժողովուրդին պաշտպանութիւնն ու անվտանգութիւնը:

Անխտիր բոլորին վկայութեամբ կարելի է արձանագրել, որ պատերազմի բռնկումի առաջին օրէն մինչեւ աւարտ Եղսա թանթիկ իր ԼՕԽ-ի ժրաջան ու քաջ ընկերուհիներուն հետ միասին պատնէշի վրայ մնաց` կիսելով ամէնէն դաժան օրերն ու պահերը:

Փաստօրէն մեզմէ ո՞վ չի յիշեր Եղսա թանթիկի եւ ԼՕԽ-ականներու պատրաստած ճաշերը, սանտուիչներն ու դեղորայքի սպասարկութիւնը, գրեթէ ամէն օր եւ ռումբերու տարափին տակ:

Հապա անոր մխիթարական խօսքերն ու պատգամները, միշտ անպակաս էին, երբ մահ կամ աւեր արձանագրուած ըլլար թաղամասի մէկ փողոցին մէջ: Ան կը շնչէր, կ՛ապրէր ու կ՛աշխատէր, իր ընտանիքին կողքին, նաեւ հաւաքականութեան մը համար: Իսկ անոր ամէնէն ցայտուն գիծերէն մէկը ազգային աւանդութիւններու հանդէպ ցուցաբերած խոր հաւատամքն էր, ան կ՛ապրէր իւրաքանչիւր տօնի կամ աւանդութեան հետ: Յիշատակելի էր անոր աւանդապահի կեցուածքը:

Իսկ անոր աւանդապահութիւնը ոչ թէ եկեղեցական ծէսի մը լրջութիւնը ունէր, այլեւ` խանդավառութիւնն ու խնդուքը, ուրախութիւնը, երգն ու պարը անպակաս էին անոր կեանքէն: Փաստօրէն, ազգային աւանդութիւնները իրեն համար մէյ-մէկ տօնակատարութիւն էին: Տեառնընդառաջի, Վարդավառի, Ամանորի, Զատիկի թէ անուանակոչութիւնները միայն ու միայն երջանիկ պահեր ստեղծելու կը ծառայէին:

Ան կիրակի առաւօտ ժամերուն արդէն թաղին մէջ կազմ ու պատրաստ կ՛ըլլար, որպէսզի իր ուրախ ձայնով եւ անօրինակ խանդավառութեամբ կեանքի կոչեր աւանդութիւն մը, տօն կամ անուանակոչութիւն մը: Նախաձեռնութիւնը միշտ ի՛րն էր:

Սիրելի՛ Եղսա թանթիկ, մահուանդ յիշատակին առիթով իսկ մեզ մղեցիր յիշելու երջանիկ օրերն ու խանդավառութեամբ լեցուն պահերը: Ասոնք լոկ պատառիկներ էին քու այնքան հարուստ նուիրումի կեանքէդ ու բարի յիշատակէդ:

Վա՛րձքդ կատար:

25 օգոստոս 2017            

Նշմար. Ի՞նչ Քողարկուած Է Կորիզային Պատերազմի Սպառնալիքներուն Ետին

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Կռփամարտի կամ ըմբշամարտի մրցումները կը մղուին ռաունտերով: Հակառակորդները կը փորձեն իւրաքանչիւր ռաունտի կէտեր շահիլ, կամ անակնկալ հարուածով մը հակառակորդը դիտապաստ զգետնել:

Նախագահ Թրամփի ընտրութենէն ասդին, Հիւսիսային Քորէայի հետ Միացեալ Նահանգներու մենամարտը նորանոր ռաունտեր կը բոլորէ` իբրեւ ուղղակի շարունակութիւն նախկին նախագահներու օրով արձանագրուած ահեղ կամ մեղմ ռաունտերուն: Վերջին քանի մը շաբաթներու զարգացումներուն հետեւողը կ՛ունենայ այն զգացումը (եւ զանգուածային մամուլը քիչ դեր չի խաղար նման զգացումներու հրահրման մէջ), թէ ո՛ւր որ է, Ասիոյ ծայրամասին կամ Միացեալ Նահանգներու այս կամ այն շրջանին վերեւ սնկաձեւ ամպ մը պիտի բարձրանայ, աշխարհը պիտի իյնայ Գ. աշխարհամարտի ոլորապտոյտին մէջ, կորիզային հրթիռներով մահ ու աւեր պիտի սփռուի ամէն տեղ (ու ոչ ոք կրնայ գոհունակութիւն արձանագրել, որ նման պատերազմ կրնայ տեւել միայն քանի մը ժամ կամ քանի մը օր, եւ ոչ թէ նախընթաց աշխարհամարտերուն պէս` բազմաթիւ տարիներ…):

Բնականաբար Փիոնկ Եանկ եւ Ուաշինկթըն մրցումի մէջ են նաեւ քարոզչական գետնի վրայ, մէկը միւսը կ՛ամբաստանէ լարուած վիճակը ծանրացնելու մեղքով. ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը քանի մը օր առաջ Ապահովութեան խորհուրդի նիստին յայտարարեց, որ Հիւսիսային Քորէա «պատերազմ կը մուրայ», ըսել կ՛ուզէր` կ՛աղաչէ, որ պատերազմ ծագի:

Ամբաստանութիւնները կարելի է ամփոփել քանի մը նախադասութիւններու մէջ. Ուաշինկթըն կ՛ըսէ, որ Հիւսիսային Քորէա կորիզային զէնքեր կը փորձարկէ, կը փորձարկէ նաեւ միջին եւ հեռու հասողութեամբ հրթիռներ, որոնք կրնան կորիզային գլուխներ հասցնել ամերիկեան ցամաքամաս. հետեւաբար կը պահանջէ փորձերուն դադրեցումն ու ապազինումը: Փիոնկ Եանկ Ուաշինկթընը կը մեղադրէ, որ Հարաւային Քորէայի հետ ռազմափորձերով ու Ճափոնի հետ ռազմատենչ մարտավարութիւն հետապնդելով` կը կրէ լարուածութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը, հետեւաբար կը պահանջէ ռազմատենչ ընթացքին դադրեցումը:

Ստեղծուած կացութեան մէջ, ու մանաւանդ` հիւսիս-քորէական հրթիռներու մինչեւ Կուամի մօտերը թռիչքը ապացոյց բերելով, Ուաշինկթըն յաջողեցաւ Սէուլն ու Թոքիոն բերել իր յայտարարին վրայ: Ճափոն, որ Բ. Աշխարհամարտէն ի վեր զինուորական կաշկանդումներու ենթակայ էր երկար ատեն եւ բացարձակապէս դէմ էր կորիզային եւ նման մահասփիւռ զէնքերու գործածութեան, ահաւասիկ քանի մը տարիէ ի վեր ճակատաբաց կը քալէ դէպի սպառազինում տանող մայրուղիին վրայ: Հարաւային Քորէա նոյնքան նախանձախնդիր է սպառազինուելու. այս քայլերը կ՛արդարացուին իբրեւ…  «ինքնապաշտպանութեան արդար իրաւունք»:

Կը թուի, թէ Ճափոնի եւ Քորէաներուն մէջ մարդիկ կը տառապին յիշողութեան կորուստէ: Սա նոյն Ճափոնն է, որ վերջերս «տօնեց» Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի վրայ (ամերիկեան) հիւլէական ռումբերուն տարեդարձը: Նոյն Քորէաներն են, որոնք յետաշխարհամարտեան ամէնէն արիւնալի պատերազմներէն մէկը մղեցին` «շնորհիւ» արտաքին ազդեցութիւններու. անունները կրնան փոխուիլ, բայց խաղին օրէնքը կը մնայ անփոփոխ… (իսկ խաղը լարողները վստահաբար կ՛ափսոսան, որ Վիեթնամը վերամիացած է եւ գրեթէ անկարելի է անոր հիւսիսին ու հարաւին միջեւ նոր պատերազմ մը հրահրելը. քորէացիք աւելի՛ տրամադիր կը թուին ըլլալ իրենք զիրենք ջարդելու ուրիշներու հաշուոյն):

Ռուսիա, Չինաստան եւ Եւրոպա կանգնած են ճատրակի տախտակին այս կամ այն տարածքին եւ կը փորձեն անդառնալի անկում մը կանխարգիլել:

Այս ընդհանուր պատկերը դիտող եւ ինքզինք յիշողութենէ չզրկող մարդը կը մտածէ, որ աշխարհ յայտնապէս դատապարտուած է քանի մը տասնամեակը անգամ մը խաղալիք դառնալու խելագար ու մանկամիտ «հերոսներու» ձեռքին: Ժամանակին կային «հերոս» Հիթլերն ու Մուսոլինին եւ անոնց դաշնակիցներէն` Հիրօ Հիթոն, որոնց դէմ ելան «իմաստուն» ուժերը եւ ամէնէն «իմաստունը»` Թրուման, Ճափոնին ցոյց տուաւ, թէ կրակի հետ խաղցողին ի՛նչ ճակատագիր կը սպասէ: Հիմա հերթը Թրամփինն է` կը մտածուի, եւ նման «սխրագործութեան» մը կրկնութիւնը ի յառաջագունէ արդարացի կը սեպուի արդէն: (Բեմագրութիւնը այս անգամ այնպէս մը սարքուած է, որ չի նմանիր Սատտամ Հիւսէյնի Իրաքին վրայ յարձակումին արդարացման: Կրտսեր Պուշն ու իր խմբակն ալ ատենին սնկաձեւ ամպի սպառնալիքը իբրեւ խաղաքարտ գործածեցին, ու երբ սուտը բացայայտուեցաւ, արդէն ուշ էր ու Իրաք (յետոյ նաեւ ուրիշներ) անդառնալիօրէն քանդուած էին…):

Անշուշտ բանիմաց մարդիկ կ՛անդրադառնան, որ կորիզային պատերազմ մը խաղալիք չէ, որքան ալ մանկական խաղի վերագրուի երգիծանկարիչներու կողմէ… Ամէն բանէ առաջ նման պատերազմ պատճառ պիտի ըլլայ, որ աշխարհի այս կամ այն գօտիին մէջ հրահրուող պատերազմները… վերջ գտնեն, հետեւաբար նաեւ զէնքի շահաբեր շուկաները փակուին:

Եթէ այս նկատողութիւնը կարելի էր դասել ենթադրութիւններու սիւնակին տակ, երեքշաբթի, 5 սեպտեմբերին, աշխարհը ստացաւ լուսաւորող փաստ մը. յայտարարուեցաւ, որ նախագահ Թրամփ համամիտ է, որ Ճափոն եւ Հարաւային Քորէա արդիական (այսինքն` շատ սուղ) զէնքեր գնեն. իսկ ծախողները պիտի չըլլան Սոմալին, Վենեզուելան կամ Էսթոնիան:

Իրաքը, Լիպիան եւ այլ երկիրներ ռազմադաշտի վերածուեցան, եւ Միջին Արեւելքն ու աշխարհի այլ շրջանները զէնքի հսկայական շուկայի վերածուեցան. հիմա կարգը եկած է, ուրեմն, հարուստ Ճափոնին եւ Հարաւային Քորէային: Չէ՞ որ անոնց տնտեսական աճն ու արդի արհեստագիտութեան ճամբով մեծ եկամուտները նիւթական լայն միջոցներ ապահոված են անոնց (անկախ այն իրականութենէն, որ Ճափոնի ու Հարաւային Քորէայի ապահոված շահերուն բաժնեկից են աշխարհատարած ընկերութիւններ, ինչպէս որ է պարագան, օրինակի համար, քարիւղով հարուստ երկիրներուն…):

Ահա թէ ինչպէ՛ս կարելի է լուծել «Գ. Աշխարհամարտ»-ի նախատեսութիւններու հանելուկը, գոնէ` անոր մէկ բաժինը, որովհետեւ հանելուկը ունի այլ անյայտներ ալ, մաս մը` Մոսկուայի, ուրիշ մաս մը` Փեքինի ձեռքին: Այդ հանելուկները լուծելու համար պայման չէ, որ «շերշէ լա ֆամ» (փնտռել կինը) ըսենք կամ բախտագուշակի մը ապակեայ գունդին մէջ նայինք…

5 սեպտեմբեր 2017

Արամը

$
0
0

Ստորեւ կը հրապարակենք  Սոֆիայի մէջ հրատարակուող «Հայաստան» թերթի 3 յունիս 1915-ի 24-րդ թիւին մէջ լոյս տեսած յօդուած մը, որուն խմբագրութիւնը օրին շափոյով մը տեղեկացուցած էր, որ զայն արտատպած եւ թարգմանած է  Մոսկուայի «Ռուսկոյէ Սլովօ» թերթէն:

Յօդուածը, զոր «Ազդակ»-ին տրամադրած է Աղասի Ազիզեանը, կը վերաբերի Արամ Մանուկեանին, որուն մասին բաւական հետաքրքրական եւ ուշագրաւ տեղեկութիւններ կան աւելի քան հարիւր տարի առաջ լոյս տեսած ռուսական թերթի մը մէջ… Ասիկա ցուցանիշ է այն իրողութեան, որ այդ թուականներուն իսկ Արամ օտարներուն համար ուշադրութեան կեդրոն էր:

«Ա.»

Ապստամբութիւնը Թուրքիոյ մէջ կ’աճի, կ’անցնի մէկ գաւառէն միւսը: Հազիւ թուրքերը ահագին ուժեր կը շարժեն շրջանի մը դէմ, եւ ահա ապստամբութիւնը կը պայթի մէկ ուրիշի մէջ:

Վանի դէմ ղրկեցին կանոնաւոր հետեւազօրքի եւ հրետանիի մեծաթիւ ուժեր, մեծ քանակութեամբ ասկերներ կեդրոնացուցին Մուշի շրջակաները. ու ահա ապստամբութիւնը ընդգրկեց ամբողջ հարաւային Վասպուրականը, Բաղէշի, Տիգրանակերտի եւ Խարբերդի մէկ մասը:

Սկիզբը թուրքերը առանձին կարեւորութիւն չտուին դէպքերուն: Կը կարծէին, որ քիւրտերը պիտի կարենան գլուխ հանել: Այդպէս չեղաւ սակայն. անպաշտպան հայ գիւղացիները անոնք կրնային մորթել, ու այդ գործին համար աւելի լաւ վարպետներ պէտք չէին: Բայց երբ հարկ եղաւ ոչ թէ անպաշտպանները մորթելու, այլ` ճակատելու սպառազէն մարտիկներու խումբերուն դէմ, զորս կազմած էր յուսահատութեան հասցուած հայ ազգաբնակչութիւնը, այն ատեն քիւրտերը իրենց անկարողութիւնը ցոյց տուին:

Ապստամբներու դէմ կանոնաւոր զօրքերու բազմութիւն մը շարժեցին, ու հակառակ ատոր` ապստամբները կը դիմանան: Ինչպէ՞ս կ՛ընեն անոնք ատիկա, ո՞ւր տեղի կ’ունենան կռիւները, որո՞նք են կանգնած ապստամբներու գլուխը. ցարդ հաստատապէս յայտնի չէ…

Մէկ բան միայն յայտնի է. Վանի շրջանի ապստամբներուն գլուխը կանգնած է Արամը եւ բուռն կերպով կը պայքարի ամէն կողմէ արշաւող թուրքերու դէմ:

Արամի կեանքը հայ յեղափոխականի տիպական կեանք մըն է:

Արամ Մանուկեանը ծնած է Ղարաբաղ (Կովկաս), 70-ական թուականներու վերջը, ուսանած է Շուշիի թեմական դպրոցին մէջ, ուրկէ ելած է հայ յեղափոխականներու ամբողջ ընտանիք մը: Դպրոցը աւարտելուն պէս այդ տաղանդաւոր պատանին, մէկդի նետելով բարձրագոյն կրթութեան գաղափարը եւ խաչ քաշելով անհատական կեանքի ասպարէզին վրայ, անցաւ Թուրքահայաստան: Զինք կը գրաւէր Վանը, կը գրաւէր հայ յեղափոխականի փշոտ ճանապարհը: Այնուհետեւ, երկու տասնեակ տարիներէ աւելի աշխատեցաւ Թուրքիոյ մէջ ու անցաւ դաշնակցականի ամբողջ ուղին:

Պրոպագանդիստ էր: Հայաստան կը տանէր Րաֆֆիի գիրքերը եւ թարգմանական պրոշիւրներ` պուլկար եւ սերպ յեղափոխութեան շրջանին վերաբերող: Կրակոտ խօսքով կը ջանար արթնցնել ճնշուած հայ ռայան, վիզը հնազանդօրէն դահիճ քիւրտի կամ ասկերի դանակին երկնցնող այդ ստրուկը դարձնել քաղաքացի, որ իր կեանքն ու պատիւը կը պաշտպանէ զէնքը ձեռքին:

Կազմակերպող էր: Թերթերու, գիրքերու եւ զէնքի պահեստներ կը հիմնէր, խումբեր կը կազմէր ու կը խրատէր զանոնք` զէնքով հաստատել դաշնակցականներու այն խօսքը, թէ` անհրաժեշտ է դիմադրել դահիճներուն:

Եւ, վերջապէս, ինքն ալ կ’երթար այդ խումբերուն հետ. խմբապետ էր:

Թուրքերը գիտէին Արամին ով ըլլալը, կը վախնային անկէ ու իբրեւ գազանի մը` կը հալածէին…

Արամի գլուխը գնահատուած էր 500 ոսկի: Ցերեկները ան կ’անցընէր տուներու նկուղներուն, լեռներու ծերպերուն, երբեմն ալ ջրհորներու մէջ, իսկ գիշերը գործի կ’ելլէր: Այսպիսի կեանքով Արամը ապրած է քանի մը տարի: Ու ան բացառութիւն չէ. հայ յեղափոխութեան ծանօթ «մեծ հայրը»` Վարդանը, որ այսօր կամաւորներու ամենամեծ խումբին ղեկավարն է, կը պատմէր, թէ ինք քանի անգամ Վան եղած է, բայց չի ճանչնար այդ քաղաքը, որովհետեւ ցերեկով երբեք փողոց ելած չէ:

Վերջապէս թուրքերը յաջողեցան բռնել Արամը, սահմանադրութենէն քիչ ատեն առաջ: Արամը ենթարկեցին ոչ միայն բանտային խիստ ռեժիմի, այլեւ` տանջանքներու. կը խոշտանգէին, անօթի եւ ծարաւ կը պահէին, հատ-հատ կը փետտէին մօրուքին եւ պեխերուն մազերը` պահանջելով, որ ցոյց տայ պահեստներու եւ ընկերներու տեղերը: Արամը համբերութեամբ տարաւ այդ ամէնը. ոչ մէկ ցուցում տուաւ եւ քանի մը ընկերներու հետ մահուան դատապարտուեցաւ:

Կախաղաններ կառուցեցին… Հաստատ քայլերով, խումբ մը ընկերներու գլուխը անցած, դիմեց դէպի կառափնատ այդ հիւծուած, բայց տակաւին հպարտ ու աննկուն մարդը: Ու երբ այդ կորովի, միջակէն բարձր, սեւ կրակոտ աչքերով, թաւ յօնքերով եւ պեխերով դէմքը մօտեցաւ կախաղանին, յանկարծ խուլ աղմուկ մը անցաւ քաղաքին վրայէն: Ամբոխը փշրեց կախաղանը, չքացան դահիճները եւ պահապանները: Արամը դատապարտեալէ յաղթանակող դարձաւ: Այդ փոփոխութիւնը սահմանադրութեան հռչակման լուրն էր, որ յառաջ բերաւ:

«Անլեկալ» կեանքը, ըստ երեւոյթին, արդէն ընդ միշտ վերջացած էր: Ու Արամը ուրիշ դաշնակցականներու հետ խաղաղ գործունէութեան սկսաւ. կը հիմնէր դպրոցներ, գրադարաններ, ընթերցարաններ: Սակայն ծանր զրկանքներէ խանգարուած առողջութիւնը անոր ստիպեց` երթալ Սեւ ծովի ափը ու հոն` Օրտուի մէջ կը հոգար իր ապրուստը ուսուցչի համեստ ամսականով: Երկու տարի ետք ան նորէն Վան է ու նորէն` նոյն անդուլ աշխատանքը…

Վերջին տարիները կացութիւնը հետզհետէ աւելի կը լարուէր. անցաւ այն ժամանակը, երբ Երիտասարդ թուրքերը ազատամտութիւն կ՛ընէին եւ մօտիկութիւն ցոյց կու տային փոքր ազգերու ներկայացուցիչներուն: Դաշնակցականներուն կը սպառնար միշտ բանտը. եթէ չըսենք` վարձկան մարդասպանի մը դանակը: Արամը մինչեւ վերջ մնաց իր դիրքին վրայ:

Կորովի, իր ամբողջ կեանքը ժողովուրդին նուիրած` ան հասկցուեցաւ ու սիրուեցաւ ժողովուրդին կողմէ, ու ինքն ալ հաւատքով լեցուեցաւ դէպի ժողովուրդը:

Ու փորձութեան օրերուն, երբ հայ ժողովուրդը զէնքի դիմեց, դէպքերու ալիքը բարձրացուց այդ 35-37 տարեկան, բայց արդէն փորձուած խմբապետը, եւ ան անցաւ Վանի ապստամբներուն գլուխը:

Ֆ. ՍԻՊԻՐՍՔԻ 

Խմբագրական Գանձասարի. Կիզակէտ՝ Օգոստոս Ե./2017.- Սուրիա Դուրս Կու Գայ Պատերազմի Բովէն

$
0
0

Սուրիա եօթը տարի համաշխարհային ճնշումներու դէմ դնելէ ետք, խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը վերահաստատելու նախանշաններ կու տայ:

Պատերազմի տեւողութեան Սուրիոյ դէմ ի գործ դրուեցան այնպիսի սադրանքներ, որոնք երկրին բանակը քայքայելու եւ համատարած անիշխանութիւն յառաջացնելու պիտի ծառայէին: Ահաբեկչական ինքնասպանական խմբաւորումներ, անոնց թափանցումները դիւրացնող ստորգետնեայ անցքեր ու օտար երկիրներէ Սուրիա արտածուող մեծաթիւ զինեալներ սուրիական բանակի քայքայման գրաւականը համարուեցան:  Պատերազմի այս ձեւը նախադէպը ունէր, հարկաւ: Նման յարձակումներով աշխարհի մեծագոյն բանակներ կարելի եղած էր քայքայել, Աֆղանիստանի մէջ` Խորհրդային Միութեան բանակը, Իրաքի մէջ` ամերիկեան: Պատերազմի այս ձեւին մէջ ինքնապաշտպանութեան դասական ձեւերը անպիտան կը դառնան, բանակը կը սկսի աստիճանաբար վիժիլ` ահաբեկչական նման խմբաւորումներու անձնասպանական գործողութիւններուն դէմ տեղի տալով ու փողոցներու կռիւներու մէջ ներքաշուելով:

Սուրիոյ պարագային, սակայն, բանակն ու Դիմադրութեան մարտիկները յաջողեցան, դասական մարտերուն կողքին, նոյն այս ձեւով հակադարձել ու քայքայեցին հակառակորդը:

Սուրիական բանակը վերջին քանի մը ամիսներուն կարեւոր յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ ոչ միայն սուրիական անապատին մէջ, այլեւ` Սուրիոյ ամբողջ տարածքին, մէկէ աւելի ճակատներու վրայ` Տէր  Զօր, Համա, Հոմս, Հալէպ, Դամասկոս եւ այլուր:

Զինուորական յառաջխաղացքին զուգահեռ, նկատելի կը դառնան տնտեսութեան ապաքինման նախաքայլերը: Դամասկոսի Միջազգային տօնավաճառին բացումը, երկրին դիմագրաւած այս տագնապին մէջ, այնքան ալ արհամարհելի յաջողութիւն մը չէր: Տօնավաճառին մասնակցեցաւ 43 երկիր, մէկէ աւելի տնտեսական պայմանագրութիւններ կնքուեցան:

Երկրի ներքին տնտեսութեան անիւը աստիճանաբար յառաջ կը մղուի: Այս վերջինը բնականաբար իր դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ սուրիական դրամանիշի արժէքին վրայ: Միւս կողմէ` կազի եւ քարիւղի հանքերու ազատագրումը, երկրի բնական հարստութեան վերաօգտագործումը, Սուրիոյ տնտեսութեան մայրաքաղաքը համարուող Հալէպի գործարաններուն վերաբանեցումը տնտեսութեան ապաքինումը կ՛աւետեն:

Քաղաքական գետնի վրայ գերպետութիւններու դիրքորոշումները, ի նպաստ Սուրիոյ պետութեան, կտրուկ շրջադարձ կ՛արձանագրեն:

Քալամունի ու Լիբանան-Սուրիա սահմանագօտիի ահաբեկչական տարրերէ մաքրագործումով, սուրիական եւ լիբանանեան բանակներուն ու Դիմադրութեան  շնորհիւ, ահաբեկչական խմբաւորումներու Սուրիա թափանցելու անցքերը վերջնականապէս կը փակուին:

Այժմ բուռն մարտեր կ՛ընթանան ահաբեկչական մնացեալ խմբաւորումները պաշարման ենթարկելու ու սուրիական հողերուն ազատագրումը ամբողջացնելու համար:

Սուրիոյ պատերազմին աւարտը նշող այս զարգացումները, սակայն, բնականաբար հաշտ աչքով պիտի չդիտուին այնպիսի պետութիւններու կողմէ, որոնց շահերը կը թելադրեն քայքայել միջինարեւելեան դիմադրող երկիրներն ու ընդմիշտ սրել անոնց ընկերութեան բաղադրիչներուն միջեւ լարուածութիւնը:

Յառաջիկայ օրերուն այդ պետութիւններու օրակարգին վրայ վերստին կրնայ յայտնուիլ ցեղային հակամարտութիւններու, անջատողական շարժումներու հրահրումը, որուն դիմաց բնականաբար պիտի շեշտադրուին սուրիական ընկերութեան մաս կազմող բաղադրիչներու միասնականութիւնն ու բանակին ու պետութեան հզօրացումը:

«Գ.»

Փայիթահթ Ապտիւլ Համիտը Եւ Ժամանակակից Թուրքիոյ Քաղաքական Խմորումները

$
0
0

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

Տարածաշրջանային քաղաքական զարգացումներու մէջ Թուրքիոյ Հանրապետութեան զինուորական, մշակութային եւ տնտեսական դերը միշտ կարեւոր եղած է եւ տակաւին կը շարունակէ ազդեցիկ գործօն մնալ Միջին Արեւելքի սրընթաց փոփոխութիւններուն մէջ: Տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ գերակշռութիւնը շատ յաճախ պայմանաւորուած է հանրապետութեան զինուորական հզօր կարողականութեամբ, որ քսաներորդ դարու վերջին տասնամեակներէն ի վեր հիմնականօրէն կը հարուածէ քրտական շարժումը, իսկ այժմ իր տեսադաշտին մէջ ունի նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ընթացող պատերազմները: Ասոր կողքին,  նկատի պէտք է ունենալ Թուրքիոյ պետութեան ստեղծած մշակութային տիպարը կամ մոտելը, որ 2011-ին ծայր առած «Արաբական գարուն»-ի առաջին օրերէն սկսեալ կը յատկանշուէր իսլամական ազատականութեամբ, եւ որ կը գտնէր իր սպառման ներքին եւ արտաքին ճակատները: Հակառակ անոր որ 2018-ի շեմին այս մոտելը ամբողջութեամբ քայքայուած է (այս մասին կարդալ Cihan Tugal-ի «The Fall of the Turkish Model», 2016), բայց եւ այնպէս, Թուրքիոյ վերջին զարգացումները ցոյց կու տան պետական շրջանակներու կողմէ ձեռնարկուած այլ նախաձեռնութիւն մը, որ այս անգամ կ՛արտացոլայ գեղարուեստական աշխարհին ընդմէջէն եւ կը կոչուի «Փայիթահթ Ապտիւլ Համիտ»: Այս վերջինը կիսավաւերագրական ֆիլմաշար մըն է տասնիններորդ դարու վերջին տասնամեակներու սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի (1876-1909) եւ այդ ժամանակաշրջանը յատկանշող աշխարհաքաղաքական եւ օսմանեան պատմութեան մասին:

Վերջին շրջանին Թուրքիոյ եւ երբեմն նոյնիսկ համաշխարհային պատմագրութեան մէջ սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի կերպարը վերագնահատելու եւ վերարժեւորելու տարբեր փորձեր կը կատարուին: Սոյն յօդուածին նպատակն է ներկայացնել այս զարգացումները` վերոյիշեալ գեղարուեստական հաղորդաշարին լոյսին տակ, որուն արաբերէն տարբերակը, արդէն իսկ արաբ հասարակութեան հասանելի է, առնուազն` Եութիւպի միջոցով: Վերլուծելով Ապտիւլ Համիտի կերպարին շուրջ Օսմանեան կայսրութեան նախկին հպատակ ժողովուրդներուն եւ արեւմտեան շրջանակներու տարբեր մօտեցումները` այս յօդուածը  նաեւ քննական անդրադարձ մըն է արդի Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ յատկապէս նախագահ Էրտողանի վարած ընթացիկ արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան: Խորքային  հարցերէն, որոնք առանցքը կը կազմեն սոյն յօդուածին, կարելի է յիշել հետեւեալները` «Որո՞նք են Փայիթահթի հիմնական թիրախները եւ ի՞նչ նպատակներ կը հետապնդեն», «Ի՞նչ է իսլամութեան դերը էրտողանեան վարչակարգի կայունութեան մէջ, եւ այս հանգամանքը ինչպէ՞ս կ՛արտացոլայ գեղարուեստական հարթակներու ընդմէջէն» եւ «Օսմանեան պատմութեան նենգափոխման միջոցով ի՞նչ զուգահեռներ կարելի է տեսնել ֆիլմաշարին եւ ժամանակակից Թուրքիոյ միջեւ»:

Ընդհանուր Կէտեր Եւ Ակնարկ

Նախքան «Փայիթահթ» ֆիլմաշարի քննական վերլուծումը` Թուրքիոյ ներքին խմորումներուն լոյսին տակ, հարկ է ընդհանուր ակնարկ մը նետել հասկնալու համար այս նախաձեռնութեան բնոյթը եւ միջավայրը, որուն մէջ նման գեղարուեստական ծրագիրներ կը դառնան քաղաքական լծակներ: Բազմաթիւ են այն ժապաւէններն ու ֆիլմաշարերը, որոնք կը նկարագրեն Թուրքիոյ օսմանեան ժառանգութիւնն ու վաղ արդի (early modern) պատմութիւնը. ասոնց կարգին կարելի է դասել քանի մը տարի առաջ հրապարակուած եւ աշխարհին հրամցուած «Միւհթեշեմ Եուզիըլ»-ը, որ պատրաստուած էր թրքական սեփական ընկերութեան մը կողմէ: Դժուար չէր կռահել, որ սուլթան Սիւլէյմանի կեանքը վերարտադրող այս հաղորդաշարը մեծ ժողովրդականութիւն գտնէր յատկապէս արաբական աշխարհի մէջ, ուր ան թարգմանուեցաւ իբրեւ «Հարիմ էլ սուլթան»:

Երեւոյթը պէտք է վերլուծել եւ տեղադրել այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ տարածաշրջանի երկիրներու յարաբերութեանց եւ յատկապէս Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան եզրաբանութեան մէջ «նոր-օսմանականութիւն»-ը կը նկատուէր իբրեւ գաղափարական հիմնաքար եւ հիմնական ռազմավարութիւն: Չխորանալով աւելի նոր-օսմանականութեան հիմնական սկզբունքներուն կամ թէկուզ անոր սահմանումին հետ առնչուող հարցերուն մէջ, պէտք է յամենայն դէպս ընդգծել որոշ հանգամանքներ, որոնք էական դեր կը խաղան Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքական զարգացումներու ուրուագծման մէջ: Առաջին` նման հաղորդաշարերու արտադրութիւնը կու գար այնպիսի պարունակի մը մէջ, ուր կային յստակ թրքական ճիգեր` արաբական տարբեր երկիրներու հետ ամրապնդելու տնտեսական եւ մշակութային կապերն ու յարաբերութիւնները: Երկրորդ` ներքին ճակատի վրայ պէտք է նաեւ ի մտի ունենալ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ) աճող ժողովրդականութիւնը (2000-ի վերջերը) եւ կուսակցութեան տարածած գաղափարախօսութիւնը, որ կը բնորոշուէր իբրեւ իսլամական ազատականացում եւ իսլամական խորհրդանիշներու ազատ վերադարձը դէպի քաղաքական բեմ: Ահա այս պարունակին մէջ է, որ պէտք է փնտռել «Փայիթահթ Ապտիւլ Համիտ» ֆիլմաշարի արտադրութեան հիմնական դրդապատճառներն ու նպատակները: Արագ ակնարկով մը կարելի է ըսել, որ ի տարբերութիւն «Միւհթեշեմ Եուզիըլ»-ը «Փայիթահթ»-ը կը վայելէ պետական ֆինանսական լայն աջակցութիւն, որուն վկան կը հանդիսանայ թրքական պետական մայր կայանի` «Թէ. Ար. Թէ.»-ի օգտագործումը` իբրեւ պատկերասփռման միջոց: Արագ համեմատութեամբ մը կարելի է տեսնել, որ «Փայիթահթ»-ի իւրաքանչիւր դրուագի  տեւողութիւնը նուազագոյնը երկուքուկէս ժամ է, մինչդեռ «Միւհթեշեմ»-ինը` մէկուկէս: Սոյն բաղդատութիւնը կու գայ կրկին ամրագրելու թրքական պետութեան շահագրգռուածութիւնը այս ֆիլմաշարի յաջողութեան հարցին մէջ, որուն հիմնական թեմաներուն պիտի անդրադառնանք աւելի ուշ: Այս կէտէն մեկնելով է, որ պէտք է հասկնալ Թուրքիոյ վարչապետի օգնական Նուրման Քուրթուլմուշի ներկայութիւնը եւ ելոյթը «Փայիթահթ»-ի պատկերասփռման համար կազմակերպուած շնորհահանդէսին ընթացքին:

«Փայիթահթ»-ի գեղարուեստական յաջողութիւնը որոշ չափով շաղկապուած է նաեւ Ապտիւլ Համիտի պատմագրութեան շուկայնացման,  այսինքն` սուլթանին մասին տարբեր որակի գիրքերու շուկայնացման (commercialize) հոսքին հետ: Դժուար է հաւատալ, որ զուգադիպութիւն է սուլթան Համիտ Բ.-ի մասին տասնեակ գիրքերու վերահրատարակութիւնները կամ նորերու պատրաստութիւնը այն պահուն, երբ «Փայիթահթ»-ը կը մնայ Թուրքիոյ ամէնէն դիտուած եւ սիրուած հաղորդաշարներէն մէկը: Պոլսոյ եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին գրախանութներու մէջ վաճառուող գիրքերու համապատկերը կու գայ կրկին հաստատելու ժողովրդականութեան աճը պետութեան կողմէ տարբեր տեսակի աջակցութիւն ստացող եւ էրտողանամէտ պատմաբաններու, որոնց կարգին կարելի է յիշել Մուսթաֆա Արմաղանը (իշխանամէտ եւ իսլամական «Տերին Թարիհ» հանդէսի գլխաւոր խմբագիր): Արագ ակնարկով մը կարելի պիտի ըլլայ տեսնել, որ բազմապատկուած են սուլթան Համիտի մասին այն աշխատութիւնները, զորս կարելի է բնութագրել որպէս «popular history»: Ստորեւ տեղադրուած նկարները միայն քանի մը օրինակներ են այս զարգացող երեւոյթին: Սուլթան Համիտ Բ.-ի կերպարը եւ անոր գաղափարական հիմքերու ժողովրդականացման պետական ջանքերու ծիրին մէջ է, որ պէտք է տեղադրել նաեւ Օսմանեան կայսրութեան զինանշանի (ուրուագծուած` 1882-ին, Համիտի ժամանակ) եւ սուլթանական ստորագրութեան (դուղրա) ամէնուրեք ներկայութիւնը:

Պատմական Եւ Պատմագրական Ընդհանուր Նշումներ

«Փայիթահթ»-ի գեղարուեստական աշխարհի անուան տակ թաքցուած քաղաքական թեմաներու քննարկումէն առաջ հարկ է արագ ակնարկ մը նետել ֆիլմաշարին պատմական եւ պատմագրական կազմութեան: Առաջին դրուագը կը սկսի 30 օգոստոս 1896-ին, այսինքն` սուլթան Համիտի գահակալութեան քսաներորդ տարեդարձին օրը, ուր պատկերացուած են կայսրութեան հպատակ տարբեր ազգութիւններու եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ պատուիրակութիւնները, որոնք մէկ առ մէկ կը մօտենան սուլթանին ու կը շնորհաւորեն անոր գահակալութեան քսանամեակը: Այս տեսարանն ու թուականի ընտրութիւնը կարեւոր եւ հետաքրքրական են հիմնական երկու առումով. առաջին` ընտրելով 1896-ի ամառը` իբրեւ ֆիլմաշարի ժամանակագրական սկիզբ, հաւանական է, որ բեմադրակազմը միտումնաւոր կերպով խուսափած է 1894-1896 կայսրութիւնը եւ եւրոպական ուժերը ցնցած համիտեան ջարդերու ժամանակաշրջանը բեմադրելէ եւ հանրութեան ներկայացնելէ` կրկին անգամ փակ պահելով այս խնդրայարոյց հարցին հանրային քննարկման ճանապարհները:

vketsemanian@gmail.com

(Շար. 1)

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հալէպը, «Արեւելք»-ն Ու Ես…

$
0
0

ՊԵՏԻԿ

«Երազային Հալէպը». այդպէս կոչած էր Ծառուկեանը: «Հալէպ, առաջին կայարան» կոչած էր դասընկերս` Զաւէն Խանճեանը իր յուշերու գիրքը` իբրեւ «մանկութիւն ունեցող տղու մը յուշերը»… Յուշեր, որոնք հոգիս կ՛ալեկոծեն, զիս կը խլեն իմ այսօրուան իրականութենէս ու կը տանին այն նեղ ու երբեմն կամարակապ փողոցները, ուր անցուցած եմ իմ պատանութեան ալեկոծ տարիներս, ու զիս կը տանջեն մինչեւ այսօր…

Ճեմարանական երեք ընկերներ էինք` Վազգէնը, Կարոն ու ես, երբ որոշեցինք մեր մասնակցութիւնը բերել «Հալէպ» կոչուած մեր մշակութային քուրային… եւ ինծի վիճակուեցաւ գործնական առաջին քայլը առնելու յանդուգն պարտականութիւնը… Ես` թաղին տղան, արդէն ծանօթ  էի «Արեւելք»-ի խմբագրութեան բոլոր դէմքերուն. անուններ, որոնք մեր տան առօրեային միշտ ներկայ էին` Սարգիսեան, Մելքիսեթեան, Պարսումեան, Մասպանաճեան եւ մանաւանդ  Փափազեան` Հրաչ Փափազեան, այդ պատկառելի դէմքը, իր սրճագոյն ամերիկեան գլխարկին տակ` այնքան խորհրդաւոր ու հմայող… Մեհմետ Ալին: Քայլերս ուղղեցի ինծի համար ամէնէն մատչելիին` Զաւէն Սապունճեանին մօտ, որ իր լայն ժպիտով ընդունեց զիս: Եղբ. Զաւէն` իբրեւ երէց ՀՄԸՄ-ական եւ նախաձեռնող, կը վարէր «Արեւելք-Մարզական պարբերաթերթին խմբագրութիւնը:

Բացատրեցի առաքելութեանս նպատակը. պատանի ճեմարանական երեք ընկերներ պատրաստ ենք մեր աջակցութիւնը բերելու «Արեւելք»-ին ու մեզ կը դնենք թերթի խմբագրութեան տրամադրութեան տակ:

Առաքելութիւնս յաջողած էր… Յաջորդ օրը խմբագրատուն կանչուեցայ ստանալու համար արաբական թերթերէ առնուած յօդուածներ` թարգմանելու պատուէրով: Մեծ էր երեքիս ուրախութիւնը, անմիջապէս աշխատանքի լծուած` մեր յաճախակի թարգմանութիւնները արդէն հրատարակուած էին եւ կը կրէին մեր ստորագրութիւնները. թարգմանեց` Ա. Վազգէն, Ա. Կարօ կամ Ա. Պետիկ: Այդ «Ա.»-երը պարզապէս մեր երեքին իբրեւ հասարակ  յայտարար տեղադրուած էին:

Քանի մը թարգմանութենէ ետք մեզի թելադրուեցաւ «հայացնել» եւ ոչ թէ թարգմանել` բառացի թարգմանութենէ խուսափելու համար ու մեր ստորագրութիւնները եղան` «հայացուց Ա. Պետիկ»…

Հալէպահայութեան խաղաղ ու բարգաւաճ տարիներուն յաջորդեց փոթորկոտ ու թունաւոր 1961 -ի ամառը: Ի՞նչ յետին նպատակներով Սարրաճ կոչուած ճիւաղը գործի լծուեցաւ ու սուրիահայութեան խաղաղ գիշերները վերածեց դժոխքի: Ցնորական ու յերիւրածոյ պատրուակներով մեր ականաւոր ղեկավարութենէն շատեր նետուեցան Մեզզէ տխրահռչակ բանտն ու ենթարկուեցան անպատմելի տանջանքներու եւ նոյնիսկ ունեցանք կորուստներ:

Այդ անշնչելի օրերուն էր, երբ կանչուեցայ «Արեւելք»-ի խմբագրատուն: Ինծի համար այնքան ծանր էին այն վայրկեանները, մինչեւ մտայ այն սեւ, երկաթեայ դուռէն ներս` մտահոգ, թէ ինչո՛ւ համար, ի՞նչ կը սպասէր ինծի. մօտեցայ Լուտեր Մասպանճեանին սեղանին, որ թեթեւ ժպիտով մը նամակի պահարան մը երկարեց ինծի… «Պետի՛կ, վաղը Դամասկոս պիտի երթաս ու վերադառնաս անմիջապէս…» . կակազելով` հազիւ պատասխանեցի. «Սիրո՛վ, կ՛երթամ ու անմիջապէս կը վերադառնամ, բայց…» չձգեց, որ շարունակեմ… «Այս նամակը եւ մէջինները հոն, այս հասցէին կը յանձնես, հայ դերձակ մըն է ու անմիջապէս կը վերադառնաս…»: Ձեռքովս կը շօշափէի այն թղթածրարը, որուն մէջ գրուած նամակէն աւելի ուրիշ թուղթեր ալ կային… անշուշտ նոյնիսկ տնեցիները պէտք չէր գիտնային այս ուղեւորութեանս մասին… դժուար չէր, ծնողքս արդէն Քեսապ էին օդափոխութեան: Ու ես եղբօրս հետ կրնայի հասկցուիլ այդ մէկ օրուան բացակայութեանս մասին…

Յաջորդ առաւօտ, կանուխ, անքուն գիշերէ մը ետք, թղթածրարը լաւապէս տեղաւորած բաճկոնիս ներսի գրպանին մէջ, թաքսիին մէկ անկիւնը կծկուած, կը փորձէի պատկերացնել, թէ ո՛վ էր այն հայ դերձակը, ինչո՞ւ ես էի, որ պիտի տանէի այս ծրարը… Բայց ներքնապէս գոհ էի, որ այս պարտականութիւնը ինծի էր վստահուած…

Շուտով գտայ «հայ դերձակը», որ արդէն փոքր խանութին մէջ անհամբեր զիս կը սպասէր… «Բարեւ Պետիկ, հանգի՞ստ էր ճամբորդութիւնդ… վերադարձիդ մասին մի՛ մտահոգուիր, ես արդէն թաքսին ապահոված եմ…»: Դերձակը արդէն գիտէր անունս ու առաքելութեանս տեղեակ էր:

Հակառակ յոգնած ըլլալուս, միտքս հանդարտած, ինծի հրամցուած սանտուիչը կերայ ու պարտականութիւնս լրիւ կատարողի գոհունակութեամբ, սպասեցի զիս Հալէպ վերադարձնող թաքսիին, որ չուշացաւ: Արդէն մութ գիշեր էր, երբ տուն մտայ, ուր եղբայրս անհամբեր ու մտահոգ զիս կը սպասէր… «Եկայ, ամէն ինչ լաւ անցաւ…», արդէն ասկէ աւելի ըսելիք չունէի: Յաջորդ առտու պարզուեցաւ այս ուղեւորութեանս նպատակը… Մեզզէի մեր բանտարկեալ ընկերներուն ուղղուած նամակներ էին` իրենց սիրելիներէն, ու այդ իմ թղթատարութեան առաքելութիւնս աւելի իմաստաւորուեցաւ:

Անցան երկար ամիսներ, երբ Մեզզէէն արձակուողներ եղան ու պատմեցին, թէ սովորական տանջանքի միջոցներէն մէկն էր բանտարկեալ ընկերները հաւաքել մէկ սենեակի մէջ ու մէջտեղ քաշել այդ օրուան անբախտը ու քանակոծել, այս ձեւով ծեծէն ֆիզիքապէս տառապողին չափ հոգեպէս կը տառապին զինք շրջապատող ընկերները, եւ օրին մէկը ոտքի եղող տղոցմէ մէկը տանջուողին կարծես ուժ տալու համար կ՛ըսէր` «Ընկե՛ր, տայա՛ն…»,  այսինքն դիմացիր, տոկա՛, այդ պահուն անմիջապէս ծեծը կը դադրի, ու ոստիկանը հարց կու տայ` «Ի՞նչ ըսաւ… տայա՞ն…», շա՛տ լաւ, ճանչցայ… ու կը հրահանգէ իր գործակիցներուն` «Գացէ՛ք… Տայեանը բերէք… անունը տուաւ…», ու կը յիշեմ` այդ դէպքին վրայ Հալէպէն` տոքթ. Տայեանը կը տանին…

Շուտով եկան Հալէպի բարգաւաճ ու զուարթ օրերը, ու այս բոլորը սուրիահայութեան համար դարձան տխուր յուշեր, ու Սուրիան դարձեալ վերստանձնեց իր այնքան կարեւոր դերը սփիւռքահայութեան կեանքին մէջ:

 

 

 

Սփիւռքւ Հայ Գրականութեան Բովանդակութեան, Հեռանկարի Եւ Արժէքի Գնահատման Փորձի Համար

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հայկական սփիւռքներու գրականութիւնը բազմերես է` ըստ բովանդակութեան, հեռանկարի եւ արժէքի: Անցեալ դարու շարունակութիւն, երբ սերունդը բնական կերպով հայերէնի կը տիրապետէր, անոր հունին մէջ` հազուագիւտ նորեր, հայերէնի չտիրապետող ժամանակակիցներ:

Միշտ պէտք է կրկնել, որ ազգային գրականութեան անցագիրը ազգային լեզուն է: Իսկ այդ լեզուն, սփիւռքներու մէջ, տեւաբար կը նահանջէ ոչ միայն զանգուածի մակարդակին, այլ` հայերէն գիտցողներու եւ հայերէնով արտայայտուողներու. մամուլի աշխատաւորներ, գրողներ, հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի խօսնակներ: Ի հարկէ կան յարգելի բացառութիւններ: Բայց որոշ պէտք է ըլլայ, որ մօտաւոր հայերէնով եւ աղճատ լեզուով գրականութիւն չի ստեղծուիր:

Լուրջ խնդիր է նաեւ այն, որ գրականութիւն ընելու փորձը, երբ կը բացակայի խորքը, կը դառնայ ճառախօսութիւն, կապկում, ուրիշներու փորձի նմանակում, յաճախ նոյնիսկ լեզուագարութիւն` գրական շնորհի բացակայութեան, բառակոյտ, բառերը չարչարելու, անոնցմով չարչարուելու տեսակ մը զուարճութիւն: Գրականութիւն ընելու ցանկութիւնը բաւարար չէ, անհրաժեշտ են խորք եւ տաղանդ:

Հայկական սփիւռքներու գրականութիւնը երբեմն յուշագրութիւն է, երբեմն` մեզ եւ սրահ յուզող, ծափ սպասող հայրենասիրական զեղում, կամ վասն ինքնատպութեան եւ նորարութեան` պոռթկումի արտայայտութիւն, պոռչտուքի պէս, աննպատակ հայհոյութիւն կամ կոպտութիւն` տարբեր ըլալու եւ ուշադրութիւն գրաւելու մարմաջով, որ կը վերածուի ինքնագոհութեան: Այլ խօսքով, համամարդկայինի նուաճումը տիրական գիծ չէ ընդհանրապէս: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, որ մեր ապրած կացութիւնները յաճախ արգելք կ՛ըլլան համամարդկային մակարդակ բարձրանալու: Ի հարկէ կան բացառութիւններ:

Աւելի պարզ. հայ գրողի երկը երբ հանդիպի ֆրանսացի, արաբ, հնդիկ, ամերիկացի, ճափոնցի կամ չին ընթերցողին, ինչպէ՞ս կրնայ դիմաւորուիլ: Այս հարցումը պէտք է ուղղենք, երբ կը փորձենք արժեւորել մեր գրականութիւնը: Այսինքն մեր գնահատումը, իրապաշտութեամբ ընդունելով հանդերձ մեր ինքնուրոյն կացութիւնը, ցաւերը եւ երազները, պէտք է նկատի առնէ, թէ անոնք կը հասնի՞ն մարդոց, ո՛ւր ալ բնակին անոնք, ըլլան մեզի նման թէ մեզմէ տարբեր, այսինքն մասնակիէն անդին` մարդկայինի նուաճում կ՛ըլլա՞յ սփիւռքի հայ գրողին երկը: Այսօր գոհունակութիւն եւ ինքնագոհութիւն պատճառող երկերը պիտի ըլլա՞ն մնայուն արժէք, դար մը ետք պիտի կարդացուի՞ն որպէս գեղարուեստական երկ:

Պէտք է դադրիլ ապսպրուած, ընկեր-բարեկամի, կամ մեր դասական կողմնապաշտական գրախօսական շատախօսութիւնները համարել գրական եւ արուեստի իսկական արժէքի գնահատում: Նոյն ձեւով կը մեղանչեն հայրենի մտաւորականները, երբ սփիւռք կը հրաւիրուին, ըստ կացութեան եւ պահանջի քաջալերական կամ հաճոյախօսական գնահատումներ կ՛ընեն, անուններ կը յիշեն` մնալով բաժակաճառի մակարդակին:

Գրականութիւնը կեանքի արտայայտութիւն է, մտերմութեան հրաւէր է գրողի միտքին, ապրումներուն եւ տեսիլքին հետ, ոչ թէ հաղորդակցութիւն, այլ` հաղորդութիւն (ոչ communication, այլ communion): Գրական երկը տպուած թուղթ չէ: Տպուած թուղթի դիզուած ծաւալները գրականութիւն չեն անպայման: Միսաք Մեծարենցի բանաստեղծութիւններու տետրականման էջերը ծաւալ չեն, բայց ազնիւ գրականութիւն են: Ընթերցողը ինքզինք երբ կը դիտէ եւ կը տեսնէ երկին մէջ, ստեղծուած կ՛ըլլայ գրականութիւնը: Երբ Աբրահամ Ալիքեանի «Բարեյուսոյ հրուանդան»ը կը կարդաք, կը գտնէք ժողովուրդի մը հարազատօրէն ժառանգուած լեզուի բառագանձը, որ տեսիլքի ժառանգութիւն կը բերէ, որ կը միախառնուի ապրումներու եւ կը ստեղծէ ինքնատիպ համանուագ մը, եթէ ուզէք մասնակից ըլլալ բանաստեղծի խաղին: Եւ այդ խաղն է ազգի հարազատ գրականութիւնը, աւազի վրայ շինուած ամրոց չէ, որ առաջին ալիքին հետ կը հարթուի:

Սփիւռքներու գրականութիւնը եթէ գրական ճապկումներու անձնատուր յուշագրութիւններու կրկնութիւն չէ, կարգախօսներու շարան չէ, լայն առումով տեղացիական տեսարաններու պատում է ընդհանապէս, եսակեդրոն ըլլալէ չհեռացող, մանաւանդ երբ նոր սերունդները աւելի կը մերուին շրջապատին` սեփականի աստիճանական բացակայութիւնը փոխարինելով շրջապատէն փոխառութիւններով, զորս ոմանք հարստացում կը համարեն, կամ` ընթերցողի անտեղեակութիւնը զանոնք կը համարէ ինքնատպութիւն:

Այլ խօսքով, կապկել չի նշանակեր ինքնատիպ եւ հարազատ ստեղծագործութիւն: Երբ որպէս գրականութիւն հրամցուած էջը, արձակ կամ բանաստեղծութիւն, բանգիտական փոխադրումով կը նմանի այլ տեղ մտածուածի եւ գրուածի, նոյնիսկ երբ անմիջապէս կը տպաւորէ, վաւերականութիւն չ՛ունենար: Նման գրական թափահարումներ անտաղանդ հետեւորդներ ալ կ՛ունենան` փոխհիացումով փայլելու ցանկութեամբ:

Մեր հայրենակցական-հայրենասիրական, կողմնապաշտական եւ շահակցական թափառումները կը խոչընդոտեն եւ անկարելի կը դարձնեն ճշմարիտ գրական քննադատութիւնը: Գրականութեան եւ գրական քննադատութեան համար բեմեր պէտք են, եւ այդ բեմերը իրապէս ազատ եւ անկախ չեն, քննադատողներն ալ իրենք իրենց կը պարտադրեն ինքնագրաքննութիւն: Հետեւաբար գրականութեան հորիզոնը կը մնայ գորշութեան վիճակի մէջ: Սփիւռքի բանաստեղծ մը կամ գրող մը եթէ քաղաքական համարուած «էսթեպլիշմընթ»-ներէն մէկուն կամ միւսին մաս չի կազմեր, հոն նեցուկներ չունի, անոր շուրջ չի դառնար, կը մնայ սպասման սենեակի մէջ:

Գրակական անսեթեւեթ քննադատութեան բացակայութեան եւ «էսթեպլիշմընթ»-ի մարդորսական խափանարարութեան պատճառով, ստեղծագործական մթնոլորտ չի ստեղծուիր, եւ գրական հրապարակը չի պայծառանար: Պարզ է: Անկախ եւ արհեստավարժ հրատարակչութիւն չունինք, տպարաններ ունինք, լրատուամիջոցները հակակշռուած են եւ անոնց պատասխանատուներու վերաբերումը կողմնապաշտական է` հակառակ երբեմն երեւցող լայնամտութիւններու:

Հայաստան գրական քննադատութիւնը աւելի բաց բեմ ունի: Թերեւս սփիւռքներու գրականութեան արժեւորումը հոն պիտի կատարուի` սպասելով, որ սփիւռքները ազատագրուին «էսթեպլիշմընթ»-ային եւ կողմնապաշտական վարժութիւն դարձած գնահատումներէ, որոնք կը խոչընդոտեն ազգի ժառանգութիւն կերտելու ատակ գրականութեան զարգացումը:

Գրողին կողմնորոշումները եւ հաւատարմութիւնները դատումի լծակ պէտք չէ ըլլան երկի արժեւորման: Այս չի նշանակեր, որ գրողը յանձնառու կամ կողմնորոշուած պէտք չէ ըլլայ, բայց յանձնառութիւն, կողմնորոշում եւ այլ կապեր գրական երկի արժեւորման ազդակ եւ չափանիշ պէտք չէ ըլլան:

Այս թղթածրարը պէտք է բանալ անհաճոյ ըլլալու դերը ընդունելով, որպէսզի գրական հրապարակը պայծառանայ եւ արժէքներու երեւման ու անսեթեւեթ գնահատման առջեւ ճամբան հարթուի:

Տեսակաւոր շահախնդրութիւններով, ոչ անպայման նիւթական, «կուրու»-ներ ստեղծելու եւ անոնց շուքին անկարեւոր կարեւորութիւն ձեռք բերելու հիւանդութենէն պէտք է բուժուիլ:

Իրաւ գրականութիւն ունենալու, եւ ինչպէս յաճախ կը տեսնուի, միջազգային հրապարակ գալու ցանկութիւնը իրականացնելու համար մասնակի չափանիշները հարկ է գերանցել արուեստի ըմբռնումով յագեցած արժեւորումով եւ քննադատութեամբ:

20 մայիս 2016, Քուինզ, Նիւ Եորք

 


Փայիթահթ Ապտիւլ Համիտը Եւ Ժամանակակից Թուրքիոյ Քաղաքական Խմորումները

$
0
0

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

Հակառակ անոր որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կազմակերպած Պանք Օթոմանի գրաւումը տեղի ունեցած է 26 օգոստոս 1896-ին, ֆիլմաշարին մէջ կարելի է նկատել ժամանակագրական խախտումը, երբ այս գործողութիւնը կը փոխադրուի աւելի ուշ թուականի մը: Թուականի եւ առաջին տեսարանի ընտրութիւնը կարեւոր են նաեւ այն առումով,  որ արդէն իսկ առաջին վայրկեաններէն յստակ փորձ մը կը կատարուի վերարտադրելու շատ յաճախ թուրք ազգայնական եւ առաքելական-աջակողմեան պատմագրութեան կողմէ շահարկուած «Օսմանեան եղբայրութեան» (Pax-Ottomanica) գաղափարը, ասինքն` այն մտապատկերը, թէ Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան ընթացքին տարբեր միլլեթներ (էթնօ-կրօնական) ապրած են համերաշխ եւ ուրախ: Դժուար չէ տեսնել զուգահեռները ժամանակակից Թուրքիոյ հետ, երբ պետական տարբեր մակարդակներէ յաճախ կը հնչեն «եղբայրութեան» (hepimiz kardesiz) լոզունգներն

ու կարգախօսները, յատկապէս երբ երկիրը կը դիմակայէ արտաքին եւ ներքին վտանգներ: Հետեւաբար ֆիլմաշարին առաջին դրուագէն իսկ կարելի է հասկնալ բեմադրուած տեսարաններու եւ անոնց ստեղծած դիսկուրսի (discourse) հնչեղութիւնը ժամանակակից Թուրքիոյ հետ:

Ինչպէս է պարագան իւրաքանչիւր վարչակազմի, որ կու գայ փոխարինելու իր նախորդը` յաճախ հիմնովին վերատեսութեան ենթարկելով անոր գաղափարական սկզբունքները, նոյնն է երեւոյթը ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ:  Էրտողանի եւ իր վարչախումբի իշխանափոխութիւնը` յաչս քեմալականութիւնը մարմնաւորող Հանրապետական կուսակցութեան, եկաւ նաեւ փոխարինելու ազգային հերոսի կերպարը, որ հանրապետութեան ստեղծումէն ի վեր բնականաբար պիտի ըլլար հիմնադիրը` Մուսթաֆա Քեմալը: Հակառակ որ այս վերջինը տակաւին կը շարունակէ տիրել հասարակական եւ պետական վայրերուն, ԱԲԿ-ն եւ անոր ղեկավարը հանդիսացող Էրտողան պէտք էր նաեւ ստեղծէին իրենց «ազգային հերոս»-ը, որուն գաղափարներուն եւ սկզբունքներուն շնորհիւ` պիտի օրինականացնէին իրենց իշխանութիւնը: Քեմալականութեան խիստ աշխարհիկութեան դիմաց ուրիշ ոչ ոք կրնար յարմարիլ ազգային հերոսի տիպարին, եթէ ոչ` սուլթան Համիտ Բ., որ կը նկատուի Օսմանեան կայսրութեան վերջին հզօր սուլթանը եւ իսլամական աշխարհի իսկական պաշտպանը: Ահա այս պարունակին մէջ է, որ պէտք է հասկնալ Համիտը վերարժեւորող եւ դրական լոյսի տակ ներկայացնող պատմագրութեան զարգացումը Թուրքիոյ մէջ:  Սոյն երեւոյթը նաեւ կ՛արտացոլայ «Փայիթահթ»-ի մէջ, ուր սուլթանը ներկայացուած է որպէս գթասիրտ, խորամանկ, հեռատես եւ վճռական:

Բնականաբար, «ազգային հերոս»-ի կողքին, պէտք էր ստեղծել կամ գտնել «թշնամիներ»` ըլլան անոնք ներքին կամ արտաքին, որոնց դէմ պայքարելով` «հերոս»-ը պիտի ստանար իր կոչումը: Ապտիւլ Համիտի կերպարը եւ ժամանակաշրջանը ամենայարմար պատմական պահն են, ուր այս «հերոսի պայքարը» կը ստանայ ժամանակակից հնչեղութեամբ քաղաքական բնոյթ. «Փայիթահթ»-ի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին կը հանդիպինք հիմնական երկու կամ երեք «թշնամիներու»` տասնիններորդ դարու եւրոպական ուժերը (յատկապէս` Անգլիան), սիոնական հրեաները եւ ներքին ճակատի վրայ հայ յեղափոխականները:

Թրքական ազգայնական-առաքելական պատմագրութիւնը միշտ մեղադրած է Արեւմուտքը` իր վնասակար գաղափարներով քայքայելու համար օսմանեան եղբայրութիւնը եւ կործանումի ճամբան հարթելու համար: Արեւմուտքի պայքարը Օսմանեան կայսրութեան եւ յատկապէս Ապտիւլ Համիտի դէմ կը կազմէ «Փայիթահթ»-ի առանցքային թեմաներէն մէկը, որ նոյնպէս ունի իր ժամանակակից հնչեղութիւնը: 15 յուլիս 2016-ի յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք էրտողանեան վարչակազմի առաջին թիրախներէն էին Իսրայէլն ու արեւմտեան պետութիւնները, որոնք ամբաստանուեցան կիւլենական շարժումին աջակցելու յանցանքով: Յեղաշրջումի փորձէն ետք Էրտողան իր ելոյթներուն ընթացքին բազմիցս անդրադարձաւ Արեւմուտքի «դաւադրական» ծրագրերուն, որոնք կը միտին մասնատել Թուրքիան, ինչպէս փորձած են ընել տասնիններորդ դարուն, սուլթան Համիտի ժամանակ: Ահա այս հանգամանքն է, Արեւմուտքի քաղաքական շանթաժներու իբրեւ զոհ, որ «Փայիթահթ»-ի գեղարուեսական աշխարհին ընդմէջէն Էրտողանը կը նոյնացնէ սուլթան Համիտի հետ` Թուրքիոյ հասարակութեան եւ անոր քաղաքական ենթագիտակցութեան մէջ:

Կարելի չէ տարանջատել «Փայիթահթ»-ի առաջին դրուագի հրապարակումը 2016-ի աշնան եւ յուլիսեան յեղաշրջումի փորձն ու Թուրքիոյ մէջ անոր ստեղծած քաղաքական շրջադարձը: Այս առումով, յատկանշական է «Փայիթահթ»-ի առաջին երկու դրուագներուն մէջ բեմադրուած սուլթան Համիտի մահափորձը (որ պատմութեան նենգափոխութեան օրինակներէն մէկն է, տրուած ըլլալով որ Համիտի դէմ կատարուած է մէկ մահափորձ, այդ ալ` 1905 թուականին): Դէպքը տեղի կ՛ունենայ սուլթանական շքախումբի տողանցքի մը ժամանակ, երբ պալատական պահակագունդէն զինուորներ կրակ բանալով` կը փորձեն ահաբեկել Սուլթանը: Զինուորներու կողքին կայ նաեւ անոնց ղեկավար հրեայ գործակալ մը որ կը յաջողի Սուլթանին կառքը առեւանգել: Գործողութինը կը ձախողի, եւ սուլթանը հազիւ կը փրկուի մահէ, երբ վերջին վայրկեանին հասարակ սայլապան մը կը յաջողի վիրաւորել հրեայ գործակալը, նախքան որ ան սպաննէ Համիտը: Ուշադրութեամբ հետեւելէ ետք տեսարանը շատերուս համար կրնայ հարազատ թուիլ, մանաւանդ երբ կը մտաբերենք յուլիսեան դէպքերու զարգացման ընթացքը. նոյն այդ գիշերը նախագահ Էրտողան հազիւ փրկուեցաւ մահէ, երբ իր համակիր զանգուածը փողոց իջնելով` կասեցուց հրասայլերու եւ զինուորներու յառաջխաղացքը: Վերարտադրելով այս դէպքը եւ տեղադրելով օսմանեան եւ յատկապէս համիտեան ժամանակաշրջանին պարունակին մէջ` սոյն տեսարանը կը միտի կրկին ընդգծել ժողովուրդի բախտորոշ դերը, որուն Էրտողան կը պարտի իր իշխանութիւնն ու հաւանաբար կեանքը:

Վերլուծելով այս տեսարանը յուլիս 15-ի դէպքերու լոյսին տակ` դժուար չէ նկատել զուգահեռները. սուլթանական պահակագունդը Համիտը սպաննել փորձելով` կը նոյնանայ կիւլենական շարժման հետեւորդ սպայակազմին հետ, որուն անդամները բանակին մէջ ներթափանցելով` փորձեցին տապալել էրտողանեան վարչակարգը, իսկ հրեայ գործակալը այլ երեւոյթ մը չէ, եթէ ոչ` Թուրքիոյ մէջ արդէն համատարած հակասեմականութեան մէկ երեսը, որուն հետեւանքներուն ականատես եղանք դեր վերջերս` Պոլսոյ Նեւէ Շալոմ սինակոկի դէմ յարձակման ընթացքին (յուլիս 21-22): Այն պահուն, երբ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ դիւանագիտական յարաբերութիւնները կը մնան լարուած, եւ Կիւլենը կ՛ամբաստանուի որպէս հրեայ գործակալ, հակասեմականութիւնը կը դառնայ Էրտողանի համակիր զանգուածը համախմբող քաղաքական հիմնական լծակներէն մէկը: Նոյն այս տրամաբանութեամբ է, որ պէտք է հասկնալ Ապտիւլ Համիտի վերագրուած այն խօսքերը, թէ ինք քաջ կը գիտակցէր սիոնականներու` Օսմանեան կայսրութիւնը մասնատելու փորձերը (նկար 2): Հետեւաբար Էրտողանի «պայքարը»  հրեաներու եւ իսրայէլեան «դաւադրական» ծրագիրներու դէմ` ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Համիտի առաքելութեան շարունակութիւնը` ԱԲԿ-ի իշխանութեան օրօք:

Սպառումը` Ներքին Ճակատի Վրայ        

Վերջին բաժնով պէտք է նաեւ անդրադառնալ այն բոլոր թեմաներուն եւ գաղափարներուն, որոնք կ՛արտացոլան «Փայիթահթ»-ի ընդմէջէն եւ կը գտնեն իրենց թրքական ներքին սպառման ճակատը: Ասոնցմէ ամէնէն հիմնականը իսլամութեան համախմբող ուժն է, որ Ապտիւլ Համիտի բերնէն ելլելով` կարծէք ուղղուած է Թուրքիոյ այսօրուան հասարակութեան: Պէտք չէ մտահան ընել այն հանգամանքը, որ «Փայիթահթ»-ը հրապարակուեցաւ նաեւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ էրտողանեան վարչակարգը ճիգ չէր խնայեր ժողովուրդը պատրաստելու 2017-ի ապրիլին տեղի ունեցած հանրաքուէին, որուն շնորհիւ ամրագրուեցաւ Թուրքիոյ նախագահական համակարգի անցումը: Շահարկելով որոշ երկճեղութիւններ, ինչպիսին է Արեւմուտք ընդդէմ «Իսլամի, «Փայիթահթ»-ի ստեղծած դիսկուրսը ուղղակիօրէն կ՛առնչուէր էրտողանեան վարչակարգի օրակարգային հարցերուն հետ: Սուլթան Համիտի օրով էր, որ Մապէյնի Հիւմայունը (սուլթանական պալատը)` որպէս միանձեայ եւ կեդրոնացեալ համակարգային հաստատութիւն, գերակշիռ դարձաւ կայսրութեան որոշումներու կայացման գործընթացներուն մէջ, շատ յաճախ քաղաքական դաշտէն դուրս հրելով Պապը Ալին, որ ինքնին օսմանեան կառավարութիւնն էր: «Փայիթահթ»-ի միջոցով համեմատութիւնը կը տեղափոխուի քսանմէկերորդ դարի Թուրքիա ուր Մապէյնի Հիւմայիւնը կը նոյնանայ նախագահական պալատի` յանձնիս Էրտողանի հետ: Տրամաբանութիւնը, ներկայ հնչեղութեամբ, այն է,  որ միայն կեդրոնացեալ համակարգով է, որ երկիրը (Թուրքիան) կրնայ դիմագրաւել ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները, ինչպէս Ապտիւլ Համիտ կարողացաւ ընել: Հետեւաբար ԱԲԿ-ի կողմէ «ստեղծուած» հզօր Ապտիւլ Համիտի մը տիպարը կ՛օգտագործուի նոյնինքն ԱԲԿ-ի կողմէ լուծելու համար ներքին եւ այժմէական քաղաքական խնդիրներ:

vketsemanian@gmail.com

(Շար. 2 եւ վերջ)

Սրբապղծուած Է Միջին Արեւելքի Հայկական Մեծագոյն Եկեղեցին

$
0
0

«ԱԿՕՍ»

«Արմինիըն Ուիքլի» թերթը հրապարակած է Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ ներկայ իրավիճակը պարզող լուսանկարներ` նշելով, որ այս լուսանկարները գաղտնաբար առնուած են անցեալ յուլիսին:

Երկար տարիներ աւերակ մնալէ ետք, Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին Թաղական խորհուրդին, նախկին տիգրանակերտցիներու եւ քաղաքապետարանին ջանքերով վերանորոգուած էր եւ 2011-ի Հոկտեմբերին վերաբացուած էր` մեծ ոգեւորութիւն պատճառելով համայն հայութեան եւ տեղւոյն բնակիչներուն: Եկեղեցւոյ վերաբացումով պատահած էր շահեկան անակնկալ մը. բազմաթիւ ծպտեալ հայեր սկսած էին հրապարակ իջնել եւ համախմբուիլ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ: Հայ հոգեւոր գրականութեան մէջ յաճախ կը շեշտուի «եկեղեցին ժողովո՛ւրդ է» հաստատումը: Այս շրջագիծին մէջ Սուրբ Կիրակոսի այդ նոր օծումը եւ վերաբացումը հրաշքի համազօր ապացոյց մը եղաւ սոյն հաստատման համար:

Ափսո՜ս, սակայն, որ վերջին տարիներուն Թուրքիոյ որդեգրած ռազմատենչ քաղաքականութեան պատճառով եկեղեցւոյ տարածքը անհասանելի եղաւ բոլորին համար:

Նախապէս, թրքական մամուլին մէջ յայտնուած էին կարգ մը լուսանկարներ, ուր կը տեսնուէին յատուկ ծառայութեան ոստիկաններ` եկեղեցւոյ մէջ: «Արմինիըն Ուիքլի»-ի հրապարակած լուսանկարներով եւս յայտնի կը դառնայ, որ պատահած վնասը շատ մեծ չէ` բաղդատմամբ նոյն տարածքին մէջ գտնուող այլ սրբավայրերու:

Ուրեմն կարելի է մխիթարուիլ այն բանով, որ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին առայժմ նուազագոյն վնասով դուրս եկած է այս բարբարոսական կործանումէն: Իսկ եկեղեցւոյ հօտը յոյսով կը սպասէ ներկայ պայմաններու բարելաւման եւ եկեղեցւոյ վերստին պաշտամունքի համար բացուելուն:

 

 

Շարլ Ազնաւուրը Հայաստանի Առաջին Քաղաքացին Է, Ում Անուանական Աստղը Տեղադրուեց Հոլիվուտի Հաամբաւի Ճեմուղիի Վրայ

$
0
0

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ

Աշխարհահռչակ երգիչ, երգահան Շարլ Ազնաւուրի անուանական աստղը բացուեց Հոլիվուտի Համբաւի Ճեմուղում, օգոստոսի 24-ին: Քաղաքի մշակութային յայտնի կեդրոններից մէկի` «Փենթէյճըս» (Pantages) թատերասրահի դիմաց տեղադրուած 2618-րդ պատուոյ աստղը Ազնաւուրին շնորհուեց «Կենդանի կատարում» անուանակարգում: Յատկանշական է, որ սա Հայաստանի քաղաքացուն տրուած առաջին աստղն է Հոլիվուտի հանրայայտ պուրակում:

«Ես ե՛ւ ֆրանսացի եմ, ե՛ւ հայ», աստղի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ իր խօսքում նշեց Ազնաւուր` ընդգծելով, որ իր ընտանեկան լեզուն հայերէնն է:

Ֆրանսահայ արուեստագէտին նուիրուած արարողութիւնը, ինչպէս իր երգերը, այս անգամ Հոլիվուտի կենտրոնում էր միաւորել տարբեր ազգերի հարիւրաւոր ներկայացուցիչների` միասին նշելու սիրելի երգչին նուիրուած ձեռնարկը: Ներկաների թւում էին նաեւ Քալիֆորնիայի եւ Լոս Անճելըսի պաշտօնեաներ, արուեստագէտներ:

«Ազնաւուրը միլիոնաւոր երկրպագուներ ունի ամբողջ աշխարհում:  Նրա աստղը Հոլիվուտում փայլելու է, ինչպէս մեծ երգիչն է փայլել ամէնուր իր բազում ելոյթների ժամանակ: Հայաստանի մայրաքաղաքում կայ Ազնաւուրի անուան հրապարակ, նրա արձանը տեղադրուած է Գիւմրիում, եւ այսօր, աշխարհի ամենահզօր նահանգներից մէկում, ժամանցի հռչակաւոր մայրաքաղաքի կեդրոնում է տեղադրւում մեծ երաժիշտի, մարդասէրի ու բարերարի աստղը, ով մշտապէս հաւատարիմ է մնացել իր հայկական արմատներին», իր խօսքում նշեց Քալիֆորնիայի ծերակոյտի նախագահ, 24-րդ ընտրատարածքից խորհրդարանի անդամ Քեւըն տէ Լէոնը:

Հոլիվուտի Համբաւի Ճեմուղում Շարլ Ազնաւուրի աստղը տեղադրելու նախաձեռնութիւնը պատկանում է հէնց Քեւըն տէ Լէոնին ու նրա շրջանային գրասենեակին, որի կառավարիչը  Պայծառ Թովմասեանն է: «Ամէն ինչ սկսուեց անցեալ տարի, երբ Քեւըն տէ Լէոնը Շարլ Ազնաւուրին յանձնեց աստղի ցուցանակ: Մենք, այնուհետեւ, որոշեցինք դիմել տարուայ մեծարեալներին որոշող Հոլիվուտի Առեւտրային պալատին եւ Համբաւի Ճեմուղի  յանձնախմբին` Ազնաւուրի իրական աստղը տեղադրելու հարցով: Կազմակերպեցինք ստորագրահաւաք, ներկայացրեցինք բազմաթիւ փաստաթղթեր ու տուեալներ, եւ արդիւնքում խորհուրդը քուէարկեց Շարլ Ազնաւուրի աստղը մեր ընտրած վայրում` Փոքրիկ Հայաստանին մօտ տարածքում տեղադրելու օգտին», պատմում է Թովմասեանը` նշելով, որ Քեւըն Տէ Լէոնը մշտապէս պատրաստակամ է տարբեր հարցերում հայ համայնքին աջակցելու:

Աստղի բացման արարողութեանը յաջորդած ճաշի ժամանակ, որին ներկայ էր Շարլ Ազնաւուրն իր ամբողջ ընտանիքով, եւ` համայնքի ներկայացուցիչներ, ներկայացուեց «Ազնաւուր» հիմնադրամը, որի համահիմնադիրն է արուեստագէտի որդին` Նիքոլա Ազնաւուրը:

Հիմնադրամի հիմնական առաքելութիւնը` Հայաստանում կրթական, ընկերային եւ մշակութային նախագծերի իրականացումն է լինելու: «Հիմնադրամի նպատակն է Շարլ Ազնաւուրի երեւանեան կեցավայրում թանգարանի ստեղծումը, ինչպէս նաեւ այս վայրը կը դառնայ մշակութային ու կրթական միջոցառումների անցկացման կեդրոն ու Երեւանի տեսարժան վայրերից», ներկայացրեց հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէն Քրիստինա Սարգիսեանը:

«Ազնաւուր» հիմնադրամի կեդրոնում կը կազմակերպուեն համերգներ, վարպետութեան դասեր, ժապաւէնների ցուցադրութիւններ, ֆրանսերէնի դասընթացներ, կ՛իրականացուեն ընկերային այլ ծրագրեր, գործելու են ձայնագրման սթիւտիաներ: Թանգարանում կը պահպանուեն եւ կը ցուցագրուեն արուեստի գործեր` չսահմանափակուելով միայն Շարլ Ազնաւուրի կեանքն արտացոլող տեսալսողական նիւթերի ցուցադրութիւններով: Շարլ Ազնաւուրն ու նրա ընտանիքը որոշել են թանգարանին նուիրաբերել երգչի բոլոր պարգեւները, անձնական իրերը եւ այն ամէնն, ինչ կազմում է նրա ժառանգութիւնը: Հիմնադրամի ծրագրերի մշակումը եւ իրագործումը կը ղեկավարի անձամբ Նիքոլա Ազնաւուրը:

Անդրադառնալով հիմնադրամի ստեղծմանը` Շարլ Ազնաւուրը նշել է, որ այն  շարունակելու է 1988-ի աւերիչ երկրաշարժից ի վեր իր կողմից իրականացուող բարեգործական գործունէութիւնը, եւ նպատակն է լինելու աջակցել Հայաստանի բնակչութեան առաւել խոցելի խաւերին: Թանգարանն էլ նախատեսւում է, որ կը դառնայ երիտասարդների համար մշակութային իւրատեսակ կեդրոն: «Այս նախաձեռնութիւնը Հայաստանի ապագայի հանդէպ իմ նուիրուածութեան վկայութիւնն է, ինչը, յուսով եմ, կը խրախուսի Սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը եւ կը հետաքրքրի այցելուների աշխարհի բոլոր կողմերից»:

«Ազնաւուր» հիմնադրամը կոչ է անում անհատներին եւ կազմակերպութիւններին` միանալու Երեւանում Շարլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանի ստեղծման նախագծին` հիմնադրամին նուիրատուութիւն կատարելով ու տարածելով սիրոյ ու միասնութեան ուղերձը:

Տեղեկանք.- Երեւանում Շարլ Ազնաւուրի կեցավայրը, որ գտնւում է Քասքատի հարեւանութեամբ, բացուել է 2011 թ.ին: Այն ներառում է թանգարանի համար յատկացուած տարածք, բացօթեայ համերգասրահ` նախատեսուած հանդիսատեսի համար, ինչպէս նաեւ` Շարլ Ազնաւուրի կեցավայրը: 2017 թ.ին ՀՀ կառավարութիւնը որոշում է ընդունել շէնքը նուիրաբերել «Ազնաւուր» հիմնադրամին:

 

 

Ստացուած Գրքեր, «Հեռացող Եզերք» Վէպ (Հեղինակ` Լեւոն Ադեան). Տէր Կանգնենք Նաեւ Մեր Այս Համազգային Ցաւին

$
0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ

Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան պետպատուէրի կարգով Ստեփանակերտում լոյս է տեսել անուանի արձակագիր, ԽՍՀՄ, Հայաստանի, Արցախի եւ Ռուսաստանի գրողների միութիւնների անդամ Լեւոն Ադեանի «Հեռացող եզերք» վէպը` տողերիս հեղինակի խմբագրութեամբ (Արցախի Գրողների միութեան «Վաչագան Բարեպաշտ» հրատարակչութիւն, «Դիզակ պլիւս» տպարան, 19 մամուլ, տպաքանակ` 500 օրինակ, որից 250-ը` համացանցի հայ օգտատէրերի հանգանակութեան շնորհիւ, որ նախաձեռնել էր Արցախի Շուշիի շրջանի Քարինտակ հերոսական գիւղից սերուած, ներկայումս մոսկուաբնակ հայուհի Գոհար Յովհաննիսեանը):

Գրուած լինելով 1990թ.` Պաքուի յունուարեան ջարդերից անմիջապէս յետոյ, վէպն առաջին անգամ հրատարակուել է այդ արիւնալի իրադարձութիւններից միայն տասնամեակներ անց` 2012թ.: Այն հետագայում` 2015-ին,  վերահրատարակուել է նաեւ Երեւանում` գործարար, բարերար Եուրի Ադեանի հովանաւորութեամբ: Վէպը, դարձեալ համացանցի օգտատէրերի հանգանակած միջոցների հաշուին, առաջին անգամ ռուսերէն թարգմանութեամբ լոյս է տեսել 2014թ., Ստեփանակերտում: Նոյն կարգով վէպի ռուսերէն տարբերակը, ինչպէս նաեւ «Այն հեռաւոր ամրանը» վիպակների եւ պատմուածքների ժողովածուն (թարգմանիչ` Նելլի Աւակովա-Գրիգորեան) վերջերս հրատարակուել են Ռուսաստանի հիւսիսային մայրաքաղաք Ս. Փեթերսպուրկում: Վերստին համացանցային հանգանակութեան շնորհիւ` Ստեփանակերտում վերջին տարիներս լոյս են տեսել Լեւոն Ադեանի նաեւ «Իրիկնային աղջամուղջ» վիպակների եւ պատմուածքների, «Անձրեւից յետոյ» պատմուածքների եւ մանրաքանդակների ժողովածուները (տողերիս հեղինակի խմբագրութեամբ):

Ադեան արձակագիրը  վաղուց ի վեր սիրուած եւ մշտապէս սպասուող հեղինակ է Արցախում, եւ` ոչ միայն Արցախում:  Նրա ստեղծագործութիւններով` մանրաքանդակներ, պատմուածքներ, վիպակներ, թարգմանութիւններ, որոնք ամփոփուած են աւելի քան երեսուն գրքերում, սկսած` անցեալ դարի վաթսունականների սկզբից,  սերունդներ են աճել ու դաստիարակուել: «Կեանքի ճանապարհին», «Հեռու լեռներում», «Այն հեռաւոր ամրանը», «Իմ երկրի մարդիկ», «Կորսուած բարդիներ», «Տունը գիւղի ծայրին», «Ձորում աղմկում է գետը», «Աշնանային ցրտեր», «Մոռացուած երգ»,  «Դարձ ի շրջանս իւր», Ադեանի շատ այլ ստեղծագործութիւններ, լինելով հայ ժամանակակից արձակի ձեռքբերումներ, այսօր էլ իրաւամբ սեղանի գրքեր են:

Ծնունդով արցախցի գրողը, որի մանկութիւնն ու վաղ պատանեկութիւնն անցել են Մարտակերտի շրջանի Չլդրան գիւղում, հանգամանքների բերումով հետագայ տասնամեակներում բնակուելով  Սումկայիթում, Պաքւում, իսկ 80-ական թուականների վերջերի յայտնի իրադարձութիւններից յետոյ` Լենինկրատում,  Փեաթիկորսքում, Սոչիում,  ներկայումս` Ս. Փեթերսպուրկում, մշտապէս եւ ամէնուրեք հոգու ու սրտի բազում թելերով կապուած է եղել  եւ է հայրենի եզերքին: Եւ ուր էլ որ նրան տարել են բախտի խառնուղիները եւ ինչ խաչմերուկներում էլ առժամանակ հանգրուանել է նա` Ադեանի  հոգու ու մտքի մշտարթուն, տրոփուն ուղեկիցներն էին եւ են մանկութեան բնաշխարհի անզուգական գեղեցկութիւնն ու նրա մարդիկ` իրենց  մեծ ու փոքր ուրախութիւններով, բազում հոգս ու ցաւերով, տառապանքներով, տուայտանքներով, նուիրական իղձ ու երազանքներով, անմոռաց յիշատակներով: Ու ոչ այլ կերպ, քան հէնց հայրենի Խաչէն ու Թարթառ  սրընթաց գետերի պէս յորդաբուխ ու վարար` Ադեանի շնորհալի, բեղմնաւոր գրիչը նրբահիւս վերակերտել է մայր հայրենիքից ոչ սեփական կամքով զատուած, երամից դուրս մնացած կարապի պէս անհեռանկար թեւածող Արցախ լեռնաշխարհի իրական ու գեղարուեստական պատկերը` բազմաբարդ կեանքի բոլոր տեսանելի եւ անտեսանելի կոլիզիաներով հանդերձ:

Իմ համոզմամբ, «Հեռացող եզերք» վէպն իրենից ներկայացնում է գեղարուեստական պատկերաւորման ուրոյն ձեւերի ու  միջոցների, ուշագրաւ տրամաբանական ընդհանրացումների, բառապաշարի հարստութեան ու գունագեղութեան, այլ ակնյայտ արժանիքների մի իւրօրինակ գանձանակ, որի մէջ  ամփոփուած, ի մի բերուած լինելով` նոյն այդ յուսալի հենքի վրայ գրողական վարպետութեան մի նոր աստիճանի են հասցուած Ադեան արձակագրի անցած շրջանի ստեղծագործական բոլոր մեծ ու փոքր յայտնութիւնները:

Վէպն արտացոլում է հայ ժողովրդի մի ամբողջ հատուածի` պատմական Արցախի եւ Արեւելեան Անդրկովկասի (ներկայիս Ազրպէյճան յորջորջուածի) բնիկ հայութեան դառը ճակատագիրը` 20-րդ հարիւրամեակի գրեթէ ողջ ընթացքում` տարածաշրջանում տեղի ունեցած  ողբերգական ու հերոսական իրադարձութիւնների հակադրամիասնութեան մէջ:

Խորանալով պատմական իրողութիւնների էութեան մէջ` Լեւոն Ադեանը փաստական հարուստ հենքի վրայ եւ  գեղարուեստական խօսքի ներկապնակի բոլոր գոյներով, սակայն առանց աւելորդ գունազարդման ու խտացման,  «Հեռացող եզերք»-ում երեւակում է նախախորհրդային եւ խորհրդային  ժամանակաշրջանում տարածաշրջանում գերիշխող հասարակական-քաղաքական, ազգամիջեան յարաբերութիւնների իրական, ճշմարտացի պատկերը: Վէպի հերոսները, որոնք ներկայացնում են Խորհրդային Ազրպէյճանի բնակչութեան տարբեր ազգային հանրութիւններն ու ընկերային շերտերը, հիմնականում հանդէս են գալիս իրական անուն-ազգանուններով, ինչն աւելի հաւատ է ներշնչում պատումի հաւաստիութեան նկատմամբ: Նրանցից իւրաքանչիւրը ներկայանում է իր կեցութեան որոշակի միջավայրի, ազգային պատկանելութեան, գործունէութեան ասպարէզի, տուեալ ազգային հանրութեան մտաւոր զարգացածութեան մակարդակի, աշխարհընկալման, անձնական ապրումների  եւ այդ ամէնից բխող իւրայատուկ մտածելակերպի ու բառապաշարի տիպական, կոլորիտային դրսեւորումներով:

«Հեռացող եզերք»-ի հիմնական դիպաշարի առանցքը` ֆապուլան, երիտասարդ հայ լրագրող Լէոյի եւ ազրպէյճանցի ուսանողուհի Ռենայի սիրոյ պատմութիւնն է Պաքւում, որ, չնայած իր լուսաշաղախ դրսեւորումներին, ի սկզբանէ հիմքում տրամաթիք էր եւ, բնականաբար, ողբերգական աւարտ պէտք էր ունենար` 80-ական թուականների վերջերին Ազրպէյճանում նորովի թափ առած հայատեաց քաղաքականութեան  մթնոլորտում: Հայ ազգաբնակչութեան` այդ տարիներին սկիզբ առած զանգուածային ջարդերի ու բռնատեղահանումների ընթացքում, որոնց վերջին ակորդը Պաքուի հայերի 1990թ. յունուարեան կոտորածն էր, գլխաւոր հերոսը, ծեծուջարդից մազապուրծ, պատահաբար  փրկւում է գեհենից, իսկ նրա ազրպէյճանուհի սիրեցեալը, ի նշան ներքին ընդվզման ու բողոքի` տեղի ունեցող արիւնահեղութեան, ջարդ ու կոտորածի դէմ, գազազած ամբոխից գիտակցաբար թաքցնում է իր իրական ազգութիւնը եւ, ազգակիցների կողմից ընդունուելով որպէս հայուհի` չարչար կիսում է հարիւրաւոր ու հազարաւոր  հայերի զարհուրելի  ճակատագիրը: Վէպում նկարագրուող դարասկզբի եւ, մանաւանդ, դարավերջի  իրադարձութիւնները, որոնք ծաւալւում են դիպաշարային առանցքի շուրջ, իրենց ընդհանրութեան մէջ նախապատրաստում ու կազմում են այն ատաղձը, որի վրայ հիւսուած սիրահար զոյգի երջանկութեան պատրանքները դատապարտուած էին կործանման:

«Հեռացող եզերք»-ում, արիւնալի իրադարձութիւնների ականատեսների եւ տուժածների իրապատում վկայութիւնների հիմքով, կարելի է ասել` ստոյգ վաւերագրական մանրամասնութեամբ, դրուագ առ դրուագ  նկարագրւում են Սումկայիթի 1988թ. փետրուարեան եւ Պաքուի 1990թ. յունուարեան հայկական ջարդերը, որոնք  հանդիսացան Ազրպէյճանում հայ ժողովրդի նկատմամբ  պետականօրէն իրագործուած ցեղասպանութեան ակնյայտ արտայայտութիւնը, եւ որոնք առ այսօր չեն ստացել իրենց իրաւական ու քաղաքական գնահատականը միջազգային հանրութեան կողմից: Աւելի՛ն. աշխարհը, որի աչքի առաջ 20-րդ դարավերջին արդէն մէկ այլ աշխարհագրական հարթութեան վրայ,  թէկուզ եւ փոքր ծաւալներով, կրկնուեց Օսմանեան Թուրքիայում 1915-1923 թթ. իրագործուած հայոց Մեծ եղեռնը, այսօր արդէն մոռացութեան է մատնել Ազրպէյճանական ԽՍՀ տարածքի  խաղաղ հայ բնակչութեան` ծերունիների, կանանց ու երեխաների զանգուածային սպանութեան, կտտանքի, բռնաբարութեան, ողջակիզման, անգամ` բացայայտ մարդակերութեան, միով բանիւ` գազանային վայրագութեամբ իրագործուած սպանդի ու բռնատեղահանման իրողութիւնը:

Ցաւօք, առ այսօր հայութիւնը լիարժէք տէր չի կանգնել իր նաեւ այս ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՑԱՒԻՆ: Հայկական մամուլն այդ եղերական իրադարձութիւններին անդրադառնում է առիթից առիթ` ընդամէնը տարեդարձային պարբերականութեամբ:

Այս առումով` եւս մէկ դիտարկում վէպի առնչութեամբ: «Հեռացող եզերք»-ի որոշ ազրպէյճանցի հերոսներ` ստեղծագործական մտաւորականութեան ներկայացուցիչներ, ովքեր վէպում ներկայացուած են իրական անուն-ազգանուներով, Ազրպէյճանում ծաւալուած ջարդերը, թէկուզ եւ` զուտ անձնական զրոյցներում,  գնահատում են ոչ այլ կերպ, քան հանրապետութեան հայ ազգաբնակչութեան հանդէպ իրագործուող ցեղասպանութիւն, այն, ինչ վերջերս լոյս տեսած «Քարէ երազներ» է վէպում հրապարակաւ յայտարարեց նրանց գրչընկեր Աքրամ Այլիսլին` ենթարկուելով պետականօրէն կազմակերպուած ամենայն հալածանքի ու հանրային պախարակման:

Ընդհանրացնենք: Նախ` Լեւոն Ադեանի «Հեռացող եզերք» վէպն իրադարձութիւնների ծաւալային ու  խորքային ընդգրկմամբ հայ իրականութեան մէջ միակ լիարժէք արձակ ստեղծագործութիւնն է այս առումով: Ու թող չափազանցութիւն չթուայ, եթէ ասեմ, որ իր թեմայով, պատմական իրողութիւնների եւ իրադարձութիւնների արտացոլման խորութեամբ, ճշմարտացիութեամբ ու հաւաստիութեամբ, պատմա-քաղաքական եւ իրաւաքաղաքական ընդհանրացումներով, գեղարուեստական արժանիքներով ու  նշանակութեամբ այն կարելի է դասել Լեւոն-Զաւէն Սուրմելեանի «Ձեզ եմ դիմում, տիկնա՛յք եւ պարոնա՛յք», Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան քառասուն օրը», Մուշեղ Գալշոյեանի «Ձորի Միրոն», Հրաչեայ Քոչարի «Կարօտ» եւ այդ թեմաթիք ընդգրկման այլ նշանակալի ստեղծագործութիւնների շարքին:

Եւ ապա`  «Հեռացող եզերք»-ի   հրատարակութիւնը խիստ անհրաժեշտութիւն է ոչ միայն հեղինակի հայրենակիցների` հայ ընթերցողների համար, այլ նաեւ` թարգմանաբար, աշխարհի հանրութեան համար: Կարծում ենք` արժէ խորհել հարցի լուծման շուրջ, նկատի առնելով, որ  այդ հեռանկարը խստիւ հետաքրքրում է շատ-շատերին, նրանց, ովքեր հասցրել են հաղորդակից լինել Լեւոն Ադեանի վէպին: Ուստի, նկատի առնելով անցած դարում եւ առանձնապէս դարավերջին Ազրպէյճանում իրագործուած հայկական ջարդերը  «Հեռացող եզերք»-ի միջոցով աշխարհի ուշադրութեանը ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը, հեղինակի գրչակից ընկերները եւ մտերիմները ներկայումս կազմակերպական ջանքեր են գործադրում «Հեռացող եզերք» վէպը այլ լեզուներով եւս, այդ թւում` նաեւ անգլերէն եւ արաբերէն թարգմանութեամբ տպագրելու ուղղութեամբ: Խնդրի իրագործումը, ցաւօք, առայժմ առկախ է` պայմանաւորուած հիմնականում նիւթական բնոյթի, յուսանք, ժամանակաւոր դժուարութիւններով:

Արցախ

Յատուկ «Ազդակ»-ի համար

Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան »24-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին Անի Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

$
0
0

Երբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղի ատենապետը ինծի առաջարկեց Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 24-րդ ամեակի բանախօսութիւնը ստանձնել, առաջին մտածումս եղաւ այն, որ 24 տարի շարունակ ձեռնարկներ կազմակերպուած են նոյն նպատակին համար, բազմաթիւ յօդուածներ գրուած են Մհերին մասին, ԶՈՄ-ը գիրք հրատարակած է անոր մասին… Հաւանաբար ամէն բան ըսուած է, ի՞նչ կարելի է խօսիլ, ի՞նչ կարելի է ըսել, որ ցարդ չէ ըսուած…

Բայց երբ առաջարկը կու գայ ԼԵՄ-էն, որուն երիցագոյն անդամը 23 տարեկան է, երբ իմ երիտասարդ ընկերներս` դաշնակցական երիտասարդ ընկերներս այսպիսի ձեռնարկ կը կազմակերպեն, ինծի կը մնայ ենթարկուիլ անոնց կամքին, որովհետեւ անոնք մեր ապագան են, որովհետեւ անոնք կը գիտակցին Մհերին ու մեր բոլոր նահատակներուն կատարած սուրբ գործին, որովհետեւ անոնք կ՛ուզեն հաղորդուիլ անոնց հետ, հասարակաց կէտեր գտնել, նմանութիւններ, նոյնիսկ` փորձել նոյնանալ անոնց հետ…

Մհերը… թերեւս` ԼԵՄ-ականի մը հօրը կամ մօրը ընկերը, կամ անոնց դրացին, ծանօթի մը ազգականը, թերեւս` դասընկերը, բայց պատանի Մհերը, ԼԵՄ-ական Մհերը, ԶՈՄ-ական Մհերը իրենց ընկերն է, իրենց պէս այս թաղերէն անցած է, խաղացած է: Ա՛յս ակումբին մէջ դաստիարակուած է, անոր աստիճաններէն ելած-իջած է, անոր սենեակներուն մէջ ժողով ըրած է եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով նաեւ պաշտպանած է այս թաղերն ու ակումբը:

Մհերը իրենց համար դարձած է այն օղակը, որ զիրենք կը կապէ հերոսի մը, եւ իրենք անոր ընդմէջէն կը կապուին մեր բոլոր հերոսներուն` Վաչէին, Պարոյրին, Գէորգ Չաւուշին, Քրիստափորին:

Այո՛, Մհերը ծնողքի մը զաւակն էր, եղբայր, ընկեր, վարիչ, դաստիարակ, ուսուցիչ, ամուսին…

Եթէ կարդանք Մհերին մասին գրուածները,  կ՛անդրադառնանք, որ բոլորը յիշատականեր են եւ կամ ուսումնասիրութիւններ` գրուած ընկերներու կամ ուսումնասիրողներու կողմէ, հոն կը հանդիպինք Մհերի միտքերուն` գրուած նամակներու մէջ, բոլորը կը փորձեն ըսել-գրել ամէն մանրամասնութիւն, որ կը յիշեն, եւ բոլորն ալ կ՛եզրակացնեն, որ Մհերին պէս երիտասարդի մը համար այդ ճակատագիրը անխուսափելի էր…

Մհերը ծնած էր սասունցի ընտանիքի մէջ, կնքուած էր` Սասունցի Դաւիթի հօր` Առիւծ Մհերի կամ անոր թոռան` Փոքր Մհերի անունով, կարելի է երեւակայել փոքրիկ Մհերը իր հօր կամ մեծ հօր ծունկերուն նստած` կը լսէ այդ առասպելական հերոսներուն` մասին եւ իր երեւակայութեամբ կը դառնայ անոնց նման: Կը յաճախէ Ազգային վարժարան, ուր կը ծանօթանայ իր ազգի պատմութեան, կը տիրապետէ հայոց լեզուին եւ գրականութեան, կը սիրէ բնագիտութիւնը եւ զայն կ՛ընտրէ իբրեւ մասնագիտութիւն: Մինչ այդ արդէն արձանագրուած ու դաստիարկուած էր ՀՅԴ-ի պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական շարքերուն մէջ: Ժամանակը հասած էր իր դաստիարակութիւնը փոխանցելու պատանիներու եւ դարձած էր սիրուած ու փնտռուած վարիչ: Գիւմրիի երկրաշարժը անկիւնադարձային եղած էր իր կեանքին եւ մասնագիտութեան համար, եւ ան որոշած էր մասնագիտանալ նաեւ երկրաբանութեան մէջ` գիտակցելով, որ երկրաշարժերը կրնան կրկնուիլ, եւ մենք պէտք ունինք մասնագէտներու, որոնք թերեւս կարենան վնասը նուազագոյնի իջեցնել:

Կեանքը սիրող, ապագայի հետաքրքրական ծրագիրներով այս երիտասարդը Հայաստանը ընտրեց` իբրեւ իր նպատակներու իրագործման վայր. հայրենիքը կ՛եռար, մէկ կողմէ երկրաշարժի գործած աւերը, միւս կողմէ` Ղարաբաղ-Արցախը Հայաստանին վերադարձնելու պահանջով փողոց իջած միլիոնին կանչը եւ մանաւանդ ՀՅԴ-ի «Դէպի Երկիր» կոչը անտարբեր պիտի չձգէին Մհերը, եւ անպայման պիտի ընդառաջէր անոնց: Մէկ կողմէ` ուսանող, միւս կողմէ դաշնակցական գործիչ, նոյն ատեն` ռազմական սարք մը ստեղծելու փորձ: Այս էր Մհերը, կեանքով եւ ապագայի հեռանկարներով լեցուն այդ երիտասարդը:

Եւ վերջին կանչը, վերջի՞ն… ո՛չ Մհերի համար, Մհերը գնաց Արցախ, բնականաբար պիտի երթար, Հայաստան ըլլալ այդ միջոցին եւ Արցախ չերթա՞լ, հապա ո՞ւր մնաց իր սասունցի ըլլալը, Հայաստան ըլլալ ու Արցախ չերթա՞լ, հապա ո՞ւր մնաց իր ազգային եւ դաշնակցականի դաստիարակութիւնը, Հայաստան ըլլալ եւ Արցախ չերթա՞լ, հապա ի՜նչ դաստիարակ, ի՜նչ  վարիչ…

Երանի՜ Արցախ երթար եւ ողջ վերադառնար, երանի՜ Արցախ երթար եւ հոն հաստատուէր, երանի՜ Արցախ երթար եւ ապրէր, ծառայէր, ստեղծէր, դաստիարակէր, երանի՜… Հաւանաբար միա՛կ բանը, որուն մասին չէր մտածած, մեռնիլն էր. այո՛, ես վստահ եմ, որ այդ կեանքը ապրած, այդ ծրագիրները ունեցող երիտասարդը մահուան մասին չէր մտածած: Ճիշդ է` պատերազմի գացողը աչքը կ՛առնէ մեռնիլ, բայց մեռնելու չ՛երթար, կ՛երթայ իր եւ ուրիշներու արդար կեանք մը ապահովելու, կ՛երթայ բռնութեան յաղթելու կ՛երթայ ժողովուրդին արժանավայել կեանք ապահովելու: Կ՛երթայ այդ բոլոր երազներով, բայց մանաւանդ` իր եւ իրմէ ետք գալիք սերունդներուն գոյութիւնը ապահովելու:

Մհերը մեռնելու չգնաց բայց դժբախտաբար մահը զինք գտաւ, դարանակալ մահը, թշնամիին թակարդած ականը զինք գտաւ ու տարաւ…

Յետո՞յ, սուգ, ցաւ, կորուստ: Կորուստ` նախ ընտանիքին, յետոյ` իր շա՜տ սիրած կուսակցութեան եւ անշուշտ մեծ կորուստ` իր հայրենիքին: Երիտասարդ, խոստմնալից կեանք մը, կեանքեր մարեցան եւ կը մարին տակաւին` ի խնդիր հայրենիքի գոյութեան: Ծնողներ զաւակներ կը կորսնցնեն, ուրիշներ` գաղափարի ընկեր, ոմանք ալ կը վերածնին անոնց ձգած աւանդով:

Ճիշդ է` Մհերին ընտանիքը զաւակ կորսնցուց, բայց հերոս ազգը հերոս մը շահեցաւ, այլեւս Մհերը եւ մեր նոր ու հին բոլոր հերոսները կարելի չէ սահմանափակել ընտանիքի մը նեղ սահմաններուն մէջ: Անոնք ազգին զաւակներն են այլեւս, անոնք ազգին պարծանքն են, անոնք հայ ազգին հերոսներն են: Սիրելի՛ նահատակի ծնողներ, յարգա՛նք ձեզի, որ մեր ազգին նուիրեցիք այսպիսի հերոսներ:

Մհերը չէր գացած մեռնելու, ան գացած էր ապրելու եւ հայրենի հողը ապրեցնելու: Եթէ հարցնենք իրեն, թէ ի՞նչ կը սպասէ մեզմէ վստահաբար` ո՛չ այս ձեռնարկներն ու տիտղոսները: Այսպէս կոչուած, նահատակ-հերոսները իրենք չեն ընտրեր նահատակութիւնը, մենք` մնացողներս իրենց կու տանք նահատակ-հերոսի կոչումը: Մենք` ապրողներս մեր մխիթարութիւնը կը գտնենք զանոնք այսպէս յիշելով:

Աշխարհահռչակ ռուս վիպասան Ալեքսէյ Թոլսթոյ ըսած է. «Հայրենասիրութիւն` չի նշանակեր միայն սիրել իր հայրենիքը: Ան անհամեմատ կերպով աւելի շատ բան է… Ան հայրենիքէն անբաժանելիութեան գիտակցութիւնն է եւ անոր երջանիկ ու դժբախտ օրերուն իրեն հետ անբաժանելի կերպով ապրիլը»:

Իսկ Մհերը, վստահ եմ, մեր երիտասարդներէն պիտի սպասէր, որ զինք յիշելով հանդերձ, շարունակեն այն գործը, որ ինք ակամայ կիսատ ձգած էր. իր գործը պէտք է շարունակուի իր գաղափարի ընկերներուն կողմէ, դաշնակցական երիտասարդին` ԼԵՄ-ականին կամ ԶՈՄ-ականին կողմէ: Մհերը կը սիրէր ապրիլ, Մհերը ծրագիրներ ունէր Արցախի համար, Հայաստանի եւ Արցախի բանակին համար, բայց չկրցաւ աւարտել զանոնք: Կը սիրէ՞ք Մհերը, շարունակեցէք անոր ծրագիրներու իրագործումը: Մհերը Արցախ գնաց զայն ազատագրելու եւ իր արիւնով ոռոգեց Արցախի հողը, այսօր Արցախը անկախ է, մէկի փոխարէն` երկու անկախ հայրենիք ունինք, անոնք մեր քրտինքին պէտք ունին այսօր, անոնք մեր գիտութեան, մեր հանճարին պէտք ունին: Մի՛ սպասէք կանչերու, որոշեցէք երթալ, հաստատուիլ հիմնուիլ հոն: Այսօր ես կը խոստովանիմ, որ մեր սերունդը չկրցաւ այդ որոշումը տալ. թերեւս, նոր դուրս եկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն, տարուեցաւ այս գաղութի վերակառուցումի աշխատանքներով, արտագաղթի ձգած բացը դարմանելով, նօսրացած գաղութը վերակազմակերպելով… Այդ բոլորը կարեւոր էին, բայց սփիւռքը չի կրնար ինքնանպատակ ըլլալ, սփիւռքը ուշ կամ կանուխ պիտի կորսուի: Այնքան ատեն որ սփռուած հայեր ունինք, ՀՅԴ անշուշտ հայապահպանման իր աշխատանքները պիտի չդադրենցէ: Բայց դո՛ւք, սիրելի երիտասարդներ, դո՛ւք, որ պիտի սկսիք  ձեր ապագան ծրագրել, ձեր ծրագիրներուն մէջ անպայմսան Հայաստան կամ Արցախ հաստատուիլը ունեցէք: Կեանքը ամէն տեղ պայքար է, բայց եթէ ձեր պայքարը տանիք Հայաստանի հողին վրայ, թերեւս ձեր զաւակներուն աւելի լաւ կեանք մը կ՛ապահովէք:

 

Viewing all 12135 articles
Browse latest View live
<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>
<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596344.js" async> </script>