Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12047 articles
Browse latest View live

Հարիւրամեակ Առաջին Հանրապետութեան Եի Հայաստան-Սփիւռք Համագումար

0
0

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի նախաշեմին կայանալիք «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով  Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համագումարին վերնագիրը կը մատնանշէ երկու մեծ միաւորներու` Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ գոյութիւն ունեցող անջրպետը կամրջելու փորձերը, որոնք կը յուսանք աւարտել  յստակ, գործնական եւ իրատեսական առաջարկներով, որոնք անմիջականօրէն գործադրելի կ’ըլլան յառաջիկային:

Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովին առաջադրուած բոլոր նիւթերն ալ կենսական եւ  հրամայական հարցեր են, եւ կարելի չէ, իրարմէ անջատելով, առաջնահերթութիւն ճշդել` կարեւորելով մէկը միւսէն աւելի, յատկապէս եթէ նկատի պիտի ունենանք, որ մէկուն լուծումը կը պայմանաւորէ միւսին յաջողութիւնը կամ զարգացումը:

Պետական հովանաւորութիւն վայելող նման համաժողովէ մը, որմէ կ՛ակնկալուի պետական ռազմավարութիւն մշակել բոլոր հարցերուն նկատմամբ, կը սպասէինք, որ նախօրօք, մէկ կամ երկու տարի առաջ,  համապատասխան մարմինները դիմած ըլլային սփիւռքի բոլոր կառոյցներուն, Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Ամերիկաներու կրօնական, մշակութային եւ քաղաքական  մարմիններուն` առաջարկելով  քննել իւրաքանչիւր թեմա` մասնագէտ անձերու հետ, շրջանային համաժողովներու մէջ, ապա ներկայացուած տեսակէտները, բիւրեղացած ու համադրուած,  բանաձեւուէին իբրեւ թելադրութիւններ եւ անկէ ետք միայն ներկայացուէին այս համաժողովին: Այն ատեն պիտի ունենայինք համազգային հարցերու համահայկական եւ համազգային առաջարկութիւններ, ուսումնասիրուած  ու քննարկուած` սփիւռքի ներուժի  բոլոր բաղկացուցիչ տարրերուն կողմէ: Իսկ ներկայացուած թելադրութիւնները կ՛առաջադրուէին պետական մասնագիտական ենթայանձնաժողովներուն, ուր  դարձեալ քննարկուելէ ետք միայն վերջնականօրէն կ՛որդեգրուին` առ ի գործադրութիւն գալիք տարիներուն:

Ազգային լինելութեան հարցերու վերաբերեալ կարելի չէ  պատահական կամ առանց խորապէս քննելու որոշումներ կայացնել: Վստահ ըլլալով, որ այս համաժողովի բոլոր զեկուցաբերները յարգելի անձնաւորութիւններ են եւ իրենց ուսումնասիրութիւնները կառուցած են անձնական հետազօտութիւններու վրայ եւ իրենց հիմնաւորումները կը բխին անձնական փորձառութիւններէ, սակայն համազգային մտահոգութեան հարցերու լուծումները կը կարօտին բազմաթիւ եւ բազմազան փորձառութիւններու տէր մասնագէտ անձնաւորութիւններու հաւաքական մտածողութեան, եւ ոչ թէ` անձնական սիրողական մակարդակի մտքերու:

Յամենայն դէպս, այս փորձերը, յաջող կամ ոչ, մեզ կը տանին ճիշդ ճամբով` գալու քով-քովի հաւաքական մտածողութեան սովորոյթով` իբրեւ պետութիւն ու ազգ եւ ազգային հիմնահարցերու լուծումներու համար համազգային մտածողութիւն մշակելու:

Ի շարս բազմաթիւ մեծ  տարողութեամբ հարցերու քննարկման` Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացում, Հայաստանի տնտեսական կայուն զարգացում եւ տարածաշրջանային մարտահրաւէրներ եւ անվտանգութիւն, կան հիմնական այլ հարցեր եւս, որոնց լուծումը պիտի նպաստէ վերոնշեալ նիւթերու կարգաւորման եւ գործնական ռազմավարութիւններ եւ ուղեցոյցներ որդեգրելու:

Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումը մեզի` սփիւռքահայերուս համար ունի մէկ հասկացողութիւն, որ կ՛ամփոփուի մէկ բառի մէջ` հաշուեյարդար: Հաշուեյարդար Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչմամբ,  մարդկային եւ  տնտեսական վնասներու հատուցմամբ եւ հայրենի հողերու վերատիրացմամբ: Ուրիշ որեւէ  հասկացողութիւն կը վտանգէ մեր գոյութիւնն ու մեր ապագան: Թէ ինչպէ՛ս է, որ այս հաշուեյարդարը պիտի իրականանայ, ահա այդ կը թողունք ցեղասպանագէտ, իրաւագէտ, տնտեսագէտ եւ քաղաքագէտ անձանց` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն, որոնք համախորհուրդ պիտի ծրագրեն համազգային ռազմավարութիւն մը` գործնականցնելու հաշուեյարդարի զանազան  փուլերը:

Ես պիտի ուզէի սակայն, որ այս համաժողովը ամէն բանէ առաջ քննէր ազգային լինելութիւնը պայմանաւորող հետեւեալ երեք հարցերը.

Ա.- Հայոց ազգային պատմութեան վերարժեւորում

Վերջին հարիւրամեակի մեր ազգային պատմութեան տխուր ու բաժանարար դէպքերը ջլատեցին մեր ազգային միասնականութիւնն ու մեր քաղաքական    արդիւնաւէտութիւնը: Հայոց պատմութեան վիճելի եւ զիրար հակասող պատմական դէպքեր, դէմքեր ու երեւոյթներ, որոնք ազգի մէկ մասին  համար փառաբանելի կուռքեր են, իսկ միւս հատուածին համար դատապարտելի անձնաւորութիւններ կամ  արարքներ, պառակտեցին ժողովուրդը երկուքի:  Պատմական իրադարձութիւններու եւ դէմքերու  նկատմամբ երկւութիւնը կը շարունակէ հերձել  նորահաս ու պատմութիւնէն անտեղեակ սերունդները` խափանելով ազգային միասնականութիւնն ու համազգային մտածողութիւնը, նաեւ` մեր քաղաքական մտածողութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը:

Խորհրդային բռնապետական տարիներուն քաղաքական նպատակներով եւ ինթերնասիոնալիզմի կեղծ լոզունգներով մենք  բաժնուեցանք: Աւելի՛ն. խեղծ ուղղագրութիւն մը մեզ 1600 տարի իրարու կապած ու մեր գոյութիւնը ամրագրած լեզուն վերածեց բաժանարար ազդակի մը` ջլատելով մեր հոգեմտաւոր ստեղծագործական խոյանքը: Մեր երկիրն ու ժողովուրդը անջատուեցան իրարմէ` կտրուելով եւ մեկուսանալով աշխարհէն: Մենք բաժնուեցանք երկուքի, իրերամերժ գնահատականներն ու բուռն վէճերը մեր մէջ սերմանեցին ատելութիւն ու անվստահութիւն, եւ իրարմէ հեռացանք գրեթէ իրարու հանդէպ թշնամական կեցուածքով` փոխանակ զիրար ամբողջացնող հաւաքականութեան մը վերածուելու, ինչո՞ւ չէ, նաե՛ւ ընդդիմախօսներու շինարար մասնակցութեամբ: Եւ երբ 70 տարի ետք անկախութեամբ կրկին զիրար գտանք, արդէն երկու տարբեր հայեր էինք` օտարացած իրարմէ, տասնամեակներով զիրար ժխտած եւ իրարու անհաղորդ:

Հետեւաբար,

Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած չորրորդ սերունդի առաջնահերթ հարցերէն  մէկն է ազգային միասնականութեան խնդիրը, որ խարսխուած է  մէկ պատմութիւն ունենալու անհրաժեշտութեան վրայ:   Պատմական իրադարձութիւններու եւ դէմքերու մասին երկւութիւնը սերունդները կը մատնէ շփոթի:  Համայն հայութեան հասարակ յայտարարը, մեզ համախմբողն ու միաւորողը միաձեւ պատմութիւնն է: Հայոց պատմութիւն մը, որ  ե՛ւ հայաստանահայուն, ե՛ւ սփիւռքահայուն, ե՛ւ դաշնակցականին ե՛ւ հնչակեանին ե՛ւ ռամակավարին համար միեւնոյնը պիտի ըլլայ: Եթէ մեզ իրարմէ բաժնողը եղաւ պատմական դէպքերու տարբեր մեկնաբանութիւնը, մեզ միացնող պիտի ըլլայ մեր պատմութեան մէկ մեկնաբանութիւնը:  Եւ այդ մեկնաբանութիւնը կը յենի մեր ժողովուրդի հաւաքական յեղափոխութեան վրայ` ընդդէմ բոլոր բռնակալութիւններու եւ բռնատիրութիւններու` ցարիզմի թէ սուլթանութիւններու: Ընդվզում մը, որ մեզ դարձուց եղբայր մէկ տառապանքի եւ եղբայր մէկ գաղափարի` ազատ եւ անկախ հայրենիքի տեսլականին :

Հետեւաբար մէկ եւ միաձեւ պատմութիւն ունենալու համար անհրաժեշտ է մաքրել մեր պատմութիւնը  մեզի պարտադրուած սուտ ու կեղծ  մեկնաբանութիւններէն, մաքրել խծբծանքներն ու պարսաւանքներ, որոնք մեզի  միայն անպատուութիւն բերին եւ գալիք սերունդներուն յանձնել պատմութիւն մը, որ հիմնուած է հերոսական դէմքերու անվիճելի եւ բիւրեղ մարդկային ազատատենչ զգացումներու վրայ, որոնք կու գան մեր պատմութեան խորերէն` Հայկէն, Վարդանէն,  Մեծն Տիգրանէն, Դաւիթ Բեկէն` հասնելու համար մեր նորօրեայ հերոսներուն` Արամին, Անդրանիկին, Նժդեհին եւ զարմը ամբողջ հայ ազատագրական պայքարի առասպելական հերոսներուն,  որոնք կերտեցին մեր առաջին անկախ պետութիւնը եւ այսօր  անոր թողած աւանդով կը պանծացնենք մեր երրորդ անկախ հանրապետութեամբ:  

Արդ,

Կ՛ակնկալենք  Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմեայէն խիզախ ու յանդուգն վճիռով մը վերախմբագրել հայոց ազգային պատմութիւնը` նշանակելով պատմագէտներու գերագոյն խորհուրդ մը, անոր մէջ ներառելով  հայրենի եւ սփիւռքի անաչառ պատմաբանները, որոնք առարկայանօրէն  պիտի վերարժեւորեն մեր պատմութեան վերջին հարիւրամեակը եւ մաքրեն զայն որոմնացան մեկնաբանութիւններէ, որպէսզի հասնող սերունդներուն տան մէ՛կ տեսակ հայոց պատմութիւն մը, ուր զօրավար Անդրանիկ,  թէ Դրաստամատ Կանայեան, թէ Գարեգին Նժդեհ, իւրաքանչիւրը անոնցմէ միեւնոյն  անձը կը կերպարանաւորէ բոլոր գիրքերուն մէջ, ուր կը բացատրուի, որ այդ հարիւրամեայ ժամանակահատուածի հերոսներուն բոլորի՛ն տեսիլքը եղաւ միայն եւ միայն մեր ժողովուրդի ճակատէն սրբել ստրկութեան մուրը, եւ որոնք  առասպելական սխրանքներով  գալիք սերունդներուն տուին  հպարտօրէն եւ հայօրէն ապրելու արժանապատուութիւնը:

Առաւե՛լ, այդ պատմութիւնը պիտի գնահատէ եւ արժեւորէ նաեւ մեր վերջին երեք տասնամեակներու ժամանակահատուածի` անկախ պետութեան հիմնադրութենէն ետք ձեռք բերուած քաղաքական,  տնետեսական, մշակութային եւ քաղաքացիական   նուաճումները` առարկայական քննարկումներով: Այդ քննարկումները պիտի ձեւաւորեն հասնող սերունդներու քաղաքական մտածողութիւնն ու քաղաքացիական պարտաւորութիւնները` կերտելու համար արդար, զարգացող եւ ժողովրդավար Հայաստանը:

Ժամանակն է, որ հասնող սերունդներուն ուսուցուի պատմութիւնը` քաղաքական ճիշդ վերլուծութիւններով եւ մեկնաբանութիւններով,   նաեւ առարկայական արժեւորումներով գնահատականներ տրուին տուեալ դէպքերու եւ դէմքերու, եթէ կ’ուզենք պատրաստել խոհեմ, անաչառ եւ քաղաքականացած սերունդներ, որոնք պիտի տան պատասխանատու քաղաքական որոշումներ` կշռելով քաղաքական հետեւանքները :

Բ.- Հայոց լեզուի առանցքային բնոյթը

Ազգի մը անդամները զիրար միացնող, իրարու կապող եւ յարաբերութեան մէջ դնող ամէնէն ուժեղ տուեալը լեզուն է: Ազգային արժէքները արտայայտելու, կրկնակի կերպով դրոշմելու  եւ ազգային գիտակցութիւն, համազգային մտածողութիւն եւ խաղաղութիւն յառաջացնելու համար լեզուն է՛ եւ կը մնայ միակ եւ ամենաուժեղ գործօնը: Մենք ունինք մէկ լեզու,  երկու տարբեր շրջաններու արտայայտելաոճով ու  ասացուածքներով  հարուստ, մեզ իրարմէ բաժնող ու անհասկնալի դարձնողը եղաւ մեր ուղղագրութիւնը, եւ լեզուական բաբելոնը, որ դարաշրջանի սկիզբին պարտադրուեցաւ մեզի քաղաքական նպատակներով` ժողովուրդը իրարմէ բաժնելու, օտարելու ինքնիրմէ  եւ իր արմատներէն խորթացնելու: Եւ մեզի պարտադրուած շինծու, եղծանուած ուղղագրութիւնը հարիւրամեակէ մը ի վեր կը հերձէ  հայ քաղաքակրթութիւնը, մշակոյթն ու քաղաքական մտածողութիւնը:

Այս պարագային եւս, Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիան ձեռներէց ու խիզախ վճիռով մը պէտք է վերականգնէ մեսրոպեան ուղղագրութիւնը` միաւորելով լեզուն եւ մաքրելով օտարաբանութիւններէ, որպէսզի հայաստանահայ կամ  սփիւռքահայ չունենան զիրար չհասկնալու հիմնաւորում` հաստատուած հայերէն իսկ լեզուով: Եւ ապա նախաձեռնէ ազգային ընդարձակ  բառարանի մը պատրաստութեան, նմանը  ֆրանսական «Լարուս»-ին, անգլիական «Օքսֆորտ»-ին ու ամերիկեան «Ուէպսթըր»-ին եւ քանի մը տարին անգամ մը վերահրատարակուի նոր բառերու հայացուած եզրերով, որպէսզի դուրս գանք սուիցիտ-անձնասպանութիւն, դետալ-մանրամասնութիւն, էներգետիկ-ուժանիւթային,  ատապտացուել-յարմարեցուած, ռացիոնալ-տրամաբանական, լեգիտիմ-օրինական, տրանսֆորմացիա-այլափոխութիւն,  կոմպետենտ- կարող, ֆանտոմային-ուրուային, ֆալստրատ- վիժած փորձ, մեսիճ-պատգամ, սենսացիոն- զգայնացունց, վոթչիզ-ժամացոյցներ, ֆիքսացուած-ամրացուած, ինտեսիվօրէն-ուժգնօրէն եւ այլ արտառոց լեզուական բաբելոնէն, որոնք կը վխտան յօդուածներու եւ խօսակցական լեզուի մէջ, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` լեզուի խողխողում կամ` linguistic genocide:

Թէ ինչո՞ւ այդքան շուտ աղաւաղուեցաւ լեզուն, բացի պետական իրաւական համակարգէն, ուր հայերէնը մնաց մաքուր, յստակ չէ: Կարծէք տխեղծութեան տանող ահռելի ու կրկնակի հարուածներով լեզուի ազգային անաղարտութիւնը սկսաւ տեղի տալ:

Մեր լեզուաբանները, մտաւորականները կորսնցուցած են իրենց մարտական լրջութիւնը լեզուին հանդէպ, ու լեզուն չարաշահողները վայրագ բռնաբարումի կ՛ենթարկեն զայն:

Այս անտարբերութիւնը զարտուղի մտայնութիւն մը յառաջացուցած է, թէ մենք ատենին մեծ թիւով օտար  բառեր ենք իւրացուցած,  ուրեմն կրնանք նաեւ ֆրանսերէն, անգլերէն, ռուսերէն, գերմաներէն բառեր իւրացնել առանց որեւէ վտանգի: Այդպէս կը մտածեն, այդպէս կ՛ընեն: Հոս գոնէ, պարսկերէնի պարագային, պէտք չէ մոռնալ, որ մեր բարեկամութիւնը Պարսկաստանի հետ հազարամեակներու կեանք ունի, եւ ուրեմն անտեղի չէ հարցումը, թէ այդ բառերը, որոնք փոխ առած ենք, չի՞ կրնար ըլլալ, որ անոնցմէ մէկ կարեւոր տոկոսը մերը եղած ըլլայ ու ներկայիս մարդիկ ամէն ինչ կ’ուզեն պարսիկներու վերագրել: Հոս երեւան կու գայ ստորակայութեան բարդոյթը, որովհետեւ  այդ ժամանակուան Պարսկաստանը կայսրութիւն մը կը ներկայացնէր, ուրեմն մենք իրենցմէ  փոխ առած պէտք է ըլլանք: Չէ՞ր կրնար պատահած ըլլալ, որ պարսիկները իրենց բառամթերքի մէկ տոկոսը մեզմէ փոխ առած ըլլային:

Ժողովուրդ մը, որ ծնունդ տուած է հանճարեղ թարգմանիչներու սքանչելի փաղանգին, ունի Նարեկացի անկրկնելի վարդապետը, որուն «Մատեան ողբերգութեան»-ը միայն կը յատկանշուի աւելի քան 700 ինքնաստեղծ, ինքնուրոյն ու նոր բառով, չ՛արտօներ մեր օրերու անփթութիւնը մեր լեզուի հանդէպ եւ մանաւանդ` մեր լեզուն դէպի  լեզուական արշակաւան տանող փորձերուն:  Մեր օրերուն թէ՛ մեր ինքնութիւնը, թէ՛ մեր լեզուն չքանալու վտանգին տակ են: Երկու ձեւ, ինչպէս նաե՛ւ, այլընտրանք չկա՛յ: Մեր լեզուն մեր գոյութենական պայքարի առաջին անկործանալի պատուարն է ու անփոխարինելի առանցքը` մեր ազգային քաղաքակրթական յառաջընթացին: Որեւէ թեթեւսոլիկ մօտեցում, լայնախոհութեան շպարով ծածկուած, այդ ազատամիտները կը վերածեն երգիծականօրէն  ժամանակավրէպութեան:

Գ.- Ազգային մէկ գաղափարախoսութեան ընկալում:

Անկախ անկէ, որ սփիւռքի մէջ ազգային գաղափարախօսութեան մեր հասկացողութիւնը կը հիմնուի միացեալ, ինքնիշխան Հայաստանի մը  գոյառումով, ուր մեր ժողովուրդի մէկտեղումին  իտէալը կը պարփակէ, սակայն այսօր ռէալ փոլիթիքի քաղաքականութիւնը մեզ ուրիշ ուղղութեամբ կը տանի: Այսուհանդերձ, ձեռք բերուած ազատ, անկախ հանրապետութեամբ  եւ ազգային պետականութեամբ կ՛ակնկալուի, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ի շարս ազգը վերականգնող ու կազմակերպող բազմաթիւ յանձնառութիւններուն, համախմբէ նաեւ համայն հայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային պետականութեան շուրջ` տալով անոնց   ազգային տեսլական մը, որ հիմնուած է տնտեսապէս հզօր, ժողովրդավար ու արդար Հայաստանի մը  կերտումին վրայ:

Ազգային տեսլականը պիտի պատրաստէ ամուր  պատկանելիութեամբ հայեր` ինքնութեամբ հպարտ, ինքնավստահ եւ յանձնառու հայեր եւ քաղաքացիներ, որոնք պիտի դարբնուին հայոց լեզուի լաւ իմացութեան, հայոց պատմութեան լաւ ընկալման եւ հայ մշակոյթի լաւ ճանաչողութեան վրայ :

Հզօր Հայաստանի մը տեսլականը պիտի դարբնուի կրթական համակարգի մէջ պատրաստելով պատասխանատու, յանձնառու եւ արդար  քաղաքացիներ, որոնք գործնապէս մասնակից պիտի ըլլան երկրի պետական, քաղաքական, տնտեսական կեանքի զարգացման բոլոր բնագաւառներուն:  

Այլապէս, մեր վարելիք քաղաքականութիւնը երկդիմի, լեզուն իրարու անհաղորդ եւ ազգային գաղափարախօսութիւնը հերձող ու իրերամերժ, կարելի պիտի չըլլայ գալիք սերունդներէն ակնկալել համազգային նուաճումներ: Անոնք եւս պիտի շարունակեն յաւերժացնել միեւնոյն բաժանարար  տարակարծութիւնները, պիտի խօսին տարբեր լեզուներով, պիտի մնան անհաղորդ` իրարու ցաւերուն ու երազներուն, ի վերջոյ թաղելով ազգային ինքնութիւնն ու հողմացրիւ ընելով  մեր հաւաքականօրէն արտայայտուելու կամքը եւ  ձախողցնելով միացեալ հայրենիքի ու պետականութեան մը տեսիլքը:

Արդար, անաչառ ու խիզախ որոշումներ` ազգային հայոց պատմութեան վերարժեւորման, հայոց լեզուի միակ ուղղագրութեան եւ ազգային մէկ տեսլականի իւրացման, առիթ պիտի տան ազգի բոլոր բաղկացուցիչ տարրերուն ու կողմերուն վեր ելլելու մանրուքներէն եւ աւետելու բացուող ազգային նոր զարթօնքի  պայծառ առաւօտը: Պիտի պարտադրէ յարգանք` մեզի համակիր երկիրներու, վախ` մեր թշնամիին եւ ուժ ու կորով` մեր ժողովուրդի զաւակներուն` հպարտանալու ազգային ինքնութեամբ եւ աննկուն նուիրուելու հայրենիքի լուսաւոր ապագան կերտելու:

5 սեպտեմբեր 2017
Պէյրութ, Լիբանան

 

 


Կրիլով, Չարենց Եւ Մարգարէն

0
0

ՅՈՎԷԼ ՇՆՈՐՀՕՔԵԱՆ

Մեծ հետաքրքրութեամբ տեղեկացայ Համահայկական խորհուրդի ծրագիրի երկրորդ տարբերակին մասին, որ, ըստ պաշտօնական մամլոյ հաղորդագրութեան մը, պիտի արծարծուի Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք յաջորդ Հայաստան-սփիւռք համահայկական յաջորդ համաժողովին ընթացքին:

………………………………………….

Մի կարապ, մի խեցգետին, մի գայլաձուկ
Բարձած սայլը տեղից քաշել ուզեցին.
Եւ երեքով եկան սայլին լծուեցին,
Ինչ են անում, ինչ չեն անում,
Սայլը տեղից չի էլ շարժւում.

 Շատ թեթեւ է բեռը թւում,
Բայց կարապը վեր է թևում,
Խեցգետինը քաշում է յետ,
Գայլաձուկն էլ յո դէպի գետ:
Ով է արդար, ով մեղաւոր,
Մենք չդատենք: Բանն այն է, որ
Մինչեւ այսօր
Թէ սայլ, թէ բեռ
Նոյն տեղն են դեռ:

………………………………………….

Ճատրակի ախոյաններու երկրի նախագահ եւ  միաժամանակ երկրի Ճատրակի ֆետերասիոնի  նախագահի համահայկական խորհուրդի երկրորդ հրատարակութեան առաջարկը

մեծ ուշադրութեամբ սերտեցի:

Հարց տուի, պրպտեցի` յայտնաբերելու խորհուրդի երկրորդ տարբերակի մեքանիզմն ու սցենարը, հասկնալու, թէ արդեօք ան պիտի ըլլա՞յ առաջինին նման կրիլովեան սայլին, կամ հետեւի  Եղիշէ Չարենցի պատգամին.

«Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քու միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»:

Բացատրեմ տարբերութիւնը` խօսուն օրինակով մը:

Ֆրանսահայ համայնքը ունի կրիլովեան օրինակով կառոյց` «Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդ» http://www.ccaf.info 

Ֆրանսայի տարածքին ուրիշ համայնք մը, ունի Չարենցի օրինակով կառոյց` համաժողովրդական  ներգրաւածութեամբ (http://www.fsju.org/):

Մէկը, չըսեմ` ո՛ր մէկը, ունի տարեկան քսանչորս միլիոն եւրոյի պիւտճէ:

Մերը պիւտճէ չունի: «Մեր» կազմակերպութեան համանախագահներէն մէկը կ՛ըսէր. «Մեր նամակները ես կը գրեմ, կը տպեմ, դրոշմաթուղթին դրամն ալ  գրպանէս կը վճարեմ…»:

Թէ «միւսներուն» պիւտճէն ուրկէ՞ կու գայ, ո՞վ կու տայ, ինչպէ՞ս կ՛առնեն. ունի՛ն. մե՛նք ալ ունենաք:

Մէկը ունի քառասուն հազարէ աւելի անդամավճար վճարող անդամներ:

Մերը կը ներկայացնէ երեսունէ աւելի կազմակերպութիւններ. կարապ, խեցգետին, գայլաձուկ…

Մերը, ամենայն յարգանքով Ցեղասպանութեան ճանաչման ծիրին մէջ եղած հսկայ նուաճումներուն, քաղաքական յարաբերութիւններէ դուրս որեւէ գործունէութիւն չունի:

Այս կացութեամբ, գաղութը ունի եօթը ինքնավար դպրոցներ, որոնք կը հաշուեն 1213 աշակերտներ:

Միւսը կը տնօրինէ իրենց երկու հարիւրէ աւելի դպրոցները, որոնք կը ներառեն երեսուներկու հազար աշակերտ, կը տնօրինէ իրենց ընկերային կառոյցներուն, կը նպաստէ իրենց ժողովուրդին հայրենադարձութեան, կը հասնի համայնքի կարօտեալներուն եւ յարաբերութիւն կը վարէ ֆրանսական պետութեան հետ:

Կը խնդրեմ չըսէք` որ իրենք ճատրակի ախոյեաններու ժողովուրդէն աւելի հզօր են:

Կը խնդրեմ` չըսէք, որ իրենք կու տան, մեր ժողովուրդը չի տար:

Վերջերս, իր Հայաստան այցին, տիկին Անահիտ հետը տարած էր Դպրոցասէր վարժարանի երեք վարորդներուն պատրաստած նուէրները` հագուստ-կապուստ, կօշիկ, իրեր, զարդեր եւ պահարան մը, որ կը ներփակէր երկու հարիւր եւրօ, բոլորը ուղղուած քառօրեայ պատերազմին զոհուած, Մասիսի մարզէն հերոսի մը ընտանիքին: Նշեալ վարորդներուն ամսական աշխատավարձը հազար եւրոյի շուրջ ըլլալու է. հաւանաբար վեց-եօթը հարիւր եւրօ տան վարձք կը վճարեն եւ դեռ իրենց երկու լուման գանձանակը ձգած էին:

Կը խնդրեմ` չըսէք, որ մերինները չեն տար:

Ժողովուրդը կու տայ, սակայն կը տատամսի տալու` կարապին, խեցգետինին, գայլաձուկին, Դպրոցասէրի երեք վարորդները . . . Վաչէն ալ երեսուն միլիոն տոլար նուիրեր է Եու.Սի.Էլ.Էյ.ի…

Չըսէք` չեն տար:

………………………………………….

Անցեալ շաբաթ, Երեւան այցիս, սփիւռքի նախարարութենէն նեկայացուցիչներ կը հաստատէին, որ անցեալ Հայաստան-սփիւռք համաժողովի թիրախները իրագործուած էին:

Եթէ այդպէս է, կը խնդրեմ, որ այցելէք Փարիզի, Միւնիխի կամ Լաս Վեկասի միջազգային ցուցահանդէսներու թրքական սրահները, ետքը փնտռէք նոյն ցուցահանդէսներու մէջ մէկ հայկական տաղաւար:

Կը խնդրեմ, որ այցելէք www.tulumba.com կայքէջը եւ փնտռէք անոր հայկական համապատասխանը:

Մենք` Մետաքսի ճամբու երկրաչափերս ու գերիշխաններս, մեր եօթը միլիոն հաշուող սփիւռքով, մեր հզօր սփիւռքեան գործարարներով, հիմա մե՞նք թուրքերէն օրինակ պիտի առնենք:

………………………………………….

Հետաքրքրութեամբ կարդացի, որ Համահայկական խորհուրդի ծրագիրը մեծ խանդավառութիւն յառաջացուցած էր մտաւորական շրջանակներու մէջ:

Կը մտածեմ, թէ արդեօք մեր մտաւորականները վա՞րժ են  ճատրակի խաղի ռազմավարութեան, հմո՞ւտ են վերլուծելու քարի մը շարժումը եւ տեսնելու յետին նպատակը: Արդեօք անոնք հետաքրքրուեցա՞ն հասկնալու համար, թէ առաջարկուած խորհուրդը  պիտի ներգրաւէ՞ր ժողովուրդը, թէ՞ ըլլար ընտրանիներու ակումբ մը:

Այսօր ունինք հայրենիք եւ Արցախ: Երկու վատ թէ լաւ ժողովրդավար հանրապետութիւններ:

Իսկ սփիւ՞ռքը: Հզօր սփիւռքը կը մնայ նման Կրիլովի սայլին:

Հաղորդագրութիւնը կը յայտարարէ. «Սփիւռքի ինքնակազմակերպումը աւագ պարտականութիւն-իրաւունքն է…որ պարտի ինքնակազմակերպուիլ ու միաւորուիլ»:

Ո՞վ, ինչպէ՞ս, ո՞ւր:

Հանդիպեցայ, գրեցի, հարց տուի կարապին, խեցգետինին եւ գայլաձուկին` հերթապահներուն:

Հարց տուի Բարեգործին, Հուրին եւ Անուշին:

Հանդիպեցայ ու գրեցի Շաքալին եւ Աղուէսին, մին հաւ եւ միւսը գառնուկ մը տարած, մին ագարակ էր բացած, միւսը գործարան հիմնած եւ դեռ միւսը` հանք վերցուցած:

Գրեցի որդիական խոնարհութեամբ, բարձրաստիճան, բարձրաշուք, բարձրաթոռ` Ուղտին եւ Ընձուղտին,

Ի վերջոյ գրեցի` նոյնինքն թագաւոր Առիւծին:

Բոլորն ալ բացագանչեցին` ապրիսներ, պրաւոներ, քաջալերեցին. քաջալերեցին եւ հա՜ քաշեցին, քաշքշեցին, մեր սայլը տեղէն չշարժեցին:

Թէ չեն տեսներ, կամ չեն ուզեր,
Ով է արդար, ով մեղաւոր,
Մենք չդատենք:
Բանն այն է, որ մեր սայլը տեղէն չշարժեցաւ:

Տարօրինակն այն է, որ մենք` հայերս, Կրիլովի օրինակին հետեւեր ենք, իսկ մեր հրեայ եղբայրները լսեր են Եղիշէ Չարենցի կոչը`

«Ո՛վ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քու հաւաքական ուժի մէջ է»:

………………………………………….

«Ու Տէրը զիս Հոգիով դաշտին մէջ դրաւ: Անիկա ոսկորներով լեցուն էր, որոնք սփիւռքի երեսին վրայ խիստ շատ էին եւ խիստ չորցած էին:

Տիրոջը խօսքը եղաւ` ըսելով. «Ահա ես ձեր մէջ հոգի պիտի դնեմ ու պիտի կենդանանաք:

«Ու ահա իմ ժողուուրդիս որդիները պիտի առնեմ այն ազգերուն մէջէն, ուր գացին: Անոնք իմ հրամաններուս համաձայն պիտի քալեն, իմ օրէնքներս պիտի պահեն ու զանոնք պիտի կատարեն: Զանոնք մէկ ազգ պիտի ընեմ ու անոնց ամենուն վրայ մէկ թագաւոր պիտի թագաւորէ, ու անգամ մըն ալ երկու ազգ պիտի չըլլան ու պիտի չբաժնուին»:

Ու տեսայ, թէ դաշտին ոսկորները ջիղերով ու միսով պատուեցան ու մորթով ծածկուեցան, ու շունչը անոնց մէջ մտաւ ու կենդանացան եւ իրենց ոտքերուն վրայ կայնեցան ու խիստ մեծ բանակ մը եղաւ»(*):

Ո՛վ ժողովուրդ,այս մարգարէութիւնը այսօր կ՛իրականանայ:
Զօրահաւաք կը կատարուի:
Ո՞վ, ի՞նչպէս, ու՞ր:
Ահա շուտով կը գրեմ ձեզի:

 

Սեպտեմբեր 2017
Փարիզ

 

* Եզեկիել ԼԷ.

 

Տեսակէտ. Չթողնենք, Որ Աշխարհը Շուռ Գայ Մեր Գլխին

0
0

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱՊՈՒՍԷՖԵԱՆ

1970-ական թուականներին Արամ Աշոտ Պապայեանը մի կատակերգութիւն հրատարակեց`  «Աշխարհը շուռ է եկե՛լ», որը մեծ յաջողութեամբ տեղ գրաւեց Սունդուկեանի անուան մայր թատրոնի խաղացանկում: Անշուշտ իմ ասելիքը կապ  չունի այս կատակերգութեան բովանդակութեան հետ, եւ ցաւօք կատակերգութեան ժանրին չի պատկանում իմ ասելիքը, միայն վերնագիրն եմ օգտագործելու, քանի որ այն պատկերաւոր կերպով ներկայացնում է այսօրուայ աշխարհի ներկայ իրավիճակը, տեղի ունեցող ամէն տեսակի ծայրայեղ փոթորկումները` բնութեան արհաւիրքներ, անտուն, անօթեւան մարդկային զանգուածներ, զանգուածային տեղահանութիւններ, սպանութիւններ, պարտադրուած պատերազմներ, արտաքին եւ ներքաղաքական անկայուն, վտանգներով լի իրավիճակներ, տարածքային չլուծուած հարցեր, քարտէզային նոր բաժանումներ… Կարծես իրապէս աշխարհը շուռ է եկել:

Մինչ ազգային եւ մարդկային ճակատագրով մտահոգուողներս անհանգստացած էինք Միջին Արեւելքի տեղահանուած, պատերազմից ու վայրագ կոտորածից փախչողների կեանքերի համար, որոնց մէջ էին յատկապէս նաեւ մեր հայրենակիցները, այսօր այն դարձել է այնքան համատարած եւ իրարայաջորդ, այնքան տարածուած, բնական, աւելացրած նաեւ բնութեան անսպասելի հարուածներ` երկրաշարժ, փոթորիկներ, ջրհեղեղներ, դրանց հետեւանքով ամայացած շրջաններ  ու կղզիներ, մարդկային եւ ունեցուածքների կորուստներ, որ չգիտես, ո՛ր մէկի մասին մտածես, ո՛ր մէկին օգնես ու սրտապնդես: Համատարած վայրագութիւնը, բռնութիւնը, սուտը, կեղծիքը, բարոյազուրկ մտածողութիւնը դարձել է այսօրուան աշխարհի ուղղութիւնը: Մարդկութեան միակ յոյսի յենարան` ազատութիւն, ազատ խօսք, արդար մտածելակերպ, արդարութիւն իմաստաւորող բառերը ո՛չ միայն կորցրել են նոյնիսկ իրենց բառարանային իմաստը, այլ այնքան են վարկաբեկուած, խոշտանգուած, որ շուտով դուրս են մղուելու մարդկային մտածողութիւնից: Ամէնուրեք իշխանութիւնները այն դարձրել են իրենց մենաշնորհը, որն օգտագործում են որպէս անխոցելի վահան, երբ անհրաժեշտ է լինում հասարակութեանը վաճառել իրենց սուտը, արդարացնել իրենց գործած կեղծիքները:

Մենք արդէն անմիջական ականատես ենք այդ վիճակին ազատ խօսքի համբաւ հանած այս երկրում, ուր յաճախակի այդ իրաւունքի համար պայքարի հանուած ամբոխը, իրար դէմ է ելնում, վայրագաբար իրար կոտորում, ոտնակոխելով մէկը միւսի իրաւունքը, իւրաքանչիւրը իր ազատութեան իրաւունքը պարտադրելով դիմացինին, մոռացութեան մատնելով իրենց հիմնական նպատակը` պահպանել իրենց  վերապահուած միակ իրաւունքը` ազատ  ձայնի իրաւունքը, ժողովրդի գոյութիւնը մոռացած իշխողներին տեսանելի դարձնել ժողովրդի ներկայութիւնը, ժողովրդի գոյութիւնը:

Իշխանութիւնները, համատարած բոլոր զարգացած երկրներում, սկսած Եւրոպայից, Անգլիա, Ֆրանսիա, Գերմանիա, ամէն կերպ սահմանափակում են  ժողովուրդների նոյնիսկ ազատ մտածելու, ինքնուրոյն ընտրելու իրաւունքները:    

Կուսակցութիւններն ամէնուրեք պարտադրում են իրենցը, նոյն ժողովրդի դրամը ծախսելով նրանց ստրկամտացման վրայ եւ դա անուանում են ժողովրդավարութիւն: Նայեցէք թէկուզ, աշխարհին օրինակ ծառայող, աշխարհի ընթացքը փոխող հզօր Ամերիկային, որի բնակչութիւնը դարձել է միայն դրամի գերի, որին բացի շահից ոչինչ է հետաքրքրում, նոյնիսկ չի հետաքրքրում իր իշխանութեան վարած այլ երկրներին կործանելու քաղաքականութիւնը: Ամերիկացիները համոզուած են, որ ազատութեան եւ անկախութեան իրաւունքը միայն իրենց երկրին է վերապահուած որպէս տնտեսապէս հզօր երկրի, որ իրենք աշխարհի տիրակալ են հռչակուած եւ կարող են ազատօրէն գլխատել իրենց շահերին չհամապատասխանող որեւէ երկրի անկախ գոյատեւելու իրաւունքը: Դրա փայլուն վկայութիւնը տեսնում ենք այս երկրի ներքաղաքական կեանքում: Կուսակցութիւնները տեսնելով, որ այս նոր նախագահի ինքնագլուխ քաղաքականութիւնը սկսում է ցնցել իրենց հզօրութեան պատուանդանը, ոտ ու ձեռ ընկած, սուտ ու ճիշդ իրար խառնած, մեծ իրարանցումով սանձում են նրա բացթողումները, անյողդողդ ուղղելով նրան այն ճանապարհի վրայ, որով առաջնորդուել են երկու հարիւր տարի անընդմէջ մշակուած ու արդէն անկոտրելի շղթայ դարձած իրենց  շահամոլ քաղաքականութեամբ, որն է` արագօրէն լափել այլ երկրների հարստութիւնները եւ դիմադրողներին հիմնայատակ ոչնչացնել: 

Նիւթի, իշխանութեան, ուժի մոլուցքը, համատարած ախտ դարձած, ամէնուրեք ոչնչացնում է ոչ միայն մարդկային շնորհալի ձեռքերի ստեղծած դարաւոր եզակի հարստութիւնները, այլ նաեւ բնութիւնը, այն միջավայրը, որն անհրաժեշտ է իր գոյութեան համար: Անխնայ կողոպտումը քամում է երկրի ընդերքը, ապականում օդը, ծովերը, լճերը, ովկիանոսները, դոյզն անգամ չմտածելով սերունդների մասին, որին կտակելու են մեռած մի մոլորակ:

Բարձր, իրական, խորը մշակոյթն անգամ վերածուել է անճաշակ նիւթի, շահի եւ բնականաբար պատահական չէ, այս համատարած դատարկութեան մէջ հասակ առնող սերունդը` անտեղեակ մարդկային իրական իրաւունքին, արժէքներին, հետեւում ու գլխիկոր համաձայնւում է իր իշխանութեան ռազմատենչ քայլերին:

Մարդկային բնազդների աստիճանական յղկում-կրթութիւնը, կեանքի փորձառութիւնը փոխարինւում է տգէտ, լաւագոյն դէպքում միջակ, շահաւէտ մտքի արտադրած ցուցմունքների ուսումով: Այս լիառատ երկրում մարդիկ անբաւարար են, միայն է՛լ աւելին ունենալու մոլուցքով բռնուած: Թեքնոլոքիայի օրէօր զարգացումը նոյնիսկ բաւարար չնկատելով, տարուած սպասում են միայն ամէնժամեայ  զուարճութիւն պատճառող ցնցիչ նորութիւնների: 

Այս օրերին բնութեան հասցրած հարուածից միլիոնաւոր մարդիկ այս երկրում անտուն ու անօթեւան դարձան, կորցնելով տարիներու իրենց ստեղծածը: Իրապէս հոգի ծուատող, անմխիթար վիճակ: Մի մխիթարութեան բացառութեամբ  սակայն, որ այս աղէտեալները իրենց երկրում են, իրենց իսկ քաղաքներում, պետական մարմինների եւ ժողովրդի անմիջական միլիոնների հասնող օգնութեան հովանոցով պատսպարուած ու պաշտպանուած: Ճիշդ է, որ կորուստները անդառնալի են, սակայն այն յոյսը, որ օգնութեան ձեռքը անմիջապէս քեզ է պարզուած եւ դու կազմակերպուած, հարուստ երկրում ես, առնուազն յոյս ու մխիթարութիւն է: Իրապէս ցաւալի ու անմխիթար է վիճակը այն շրջանների բնակիչների, որոնք Միացեալ Նահանգներից դուրս են եւ իմ ողջ մտածումները իրենց հետ են, քանզի մեր իւրաքանչիւրի մէջ դեռ ապրում է միանգամից կորստեան առջեւ կանգնած մեր ծնողների տառապանքը, դա լինի կոտորած, երկրաշարժ կամ բնութեան այլ աղէտ, հետեւաբար մենք միշտ մասնակից ենք մեզ զգում այսպիսի աղէտներին: Դա մեր վրայ անմիջականօրէն է ազդում եւ մենք ողջ խորութեամբ ենք զգում ո՛չ միայն Միջին Արեւելքի, այլ նաեւ այս օրերին հազարաւոր տեղահանուած, կոտորածից ճողոպրած պանկլատէշցիների, Միանմար, Սուտան եւ Ափրիկեան տարբեր համայնքների բնակիչների թափառական, անպաշտպան, անօգնական վիճակը:

Արդեօք այս երկրում աղէտից փրկուածների մտքով երբեւէ անցա՞ւ, իրենց երկրի քաղաքական հարուածից միլիոնաւոր տուժածների բարձիթող, անյոյս վիճակը: Չէ՞ որ նրանք էլ մարդկային էակներ են, նոյն իրաւունքով` մարդավարի ապրելու իրաւունքով ծնուած, բայց արհամարհուած:

Միթէ՞ մարդկութիւնը այսքան տարիներ պայքարեց, որ երկիր մոլորակը դարձնի պատերազմների յորձանուտ, որը կուլ է տալիս ոչ միայն միլիոնաւոր անմեղ բնակչութեան, ազնուօրէն իր երկիրը պաշտպանող երիտասարդ կեանքեր, այլ խժռում, խեղաթիւրում է իրական ազնիւը, բարոյական մեծ գաղափարներն ու չափանիշները, իրական քաղաքակրթութիւնը, որը դարերով զարգացրել ու պահպանել են ժողովուրդները: Այսպէս են կործանուել մեծ տէրութիւնները եւ այսօր մարդկութիւնն շտապում է դէպի այդ ուղղութեամբ: Իրապէս, կարծես աշխարհը շուռ է եկել:

Աշխարհը սարսափով է հետեւում ու մեղադրանքներ տեղում Հիւսիսային Քորէայի նախագահ Քիմ Ճոնկ Ընի նոր տեսակի հիւլէական զէնքի նուաճումներին, որի պատրուակով Ամերիկան «ստիպուա՛ծ» է՛լ աւելի է հզօրացնում իր ռազմական խարիսխները սահմանակից ջրերում, որի միլիոնների հասնող

ծախսերը հոգում են նաեւ այն երկրները, որոնց «պաշտպանո՛ւմ» է Միացեալ Նահանգները: Կարծո՞ւմ էք Հիւսիսային Քորէան այսպիսի համարձակ կեցուածք կ՛որդեգրէր, եթէ ժամանակին Միացեալ Նահանգները մեղադրուէր եւ պատասխանատուութեան ենթարկուէր նախագահ Թրումանը, Ճափոնի վրայ հիւլէական զէնք օգտագործելու համար, որից ճափոնցի ժողովուրդը դեռ ամբողջովին չի ապաքինուել: Այո՛, երբ այս տարողութեան յանցագործութիւնները չեն դատւում ու դատապարտւում անպայման հետեւորդներ են ունենում: Յիշենք մեր Ցեղասպանութիւնը, եթէ ժամանակին Թուրքիան դատապարտուէր Հայոց ցեղասպանութեան մէջ եւ պատասխանատուութեան ենթարկուէր, ապա կը փրկուէին հետագայ ազգերը` հրեաներից սկսած, մինչեւ այսօրուան տարբեր երկրներում ցեղասպանութեան ենթարկուողները:

Ամերիկան աշխարհի 70 երկրներում 800 ռազմական խարիսխներ ունի, որը եւ նպաստում է աշխարհին հսկելու եւ իր քաղաքականութիւնը պարտադրելուն: Իսկ դա նշանակում է այդքան երկրներ կախուածութեան մէջ են իրենից եւ չեն կարող ծպտուն հանել:

Առանց համեմատութեան մէջ մտնելու այս հզօր երկրի հետ, որն անշուշտ իմ կողմից բաւական անլուրջ ու ծիծաղելի պիտի լինէր, ուզում եմ յիշեցնել, որ մենք մեր հողի վրայ չենք կարողանում մեր գոնէ մէկ վերջնական խարիսխը հիմնել եւ դեռ թոյլ ենք տալիս, որ մեզ կոտորող թշնամին մեր հողերի վրայ ի՛ր խարիսխները հիմնի: Նախիջեւանը ձեզ ապացոյց, որտեղից ապօրինի տիրացած թշնամին անամօթաբար սպառնալիքներ է տեղում մեր գլխին: Այսպէս է պատահում, երբ երկրիդ մէջ ընդհանուր անտարբերութիւն է ցուցաբերւում իր ճակատագրի հանդէպ: Մեր ժողովուրդը սովոր է վատթարագոյն դէպքում իր հողը լքելու, այլոց մօտ օթեւանելուն: Այլապէս ինչո՞վ բացատրել, որ Երեւանից միայն 60 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող մեր այս հինաւուրց հողը մենք անտարբերօրէն դարձրինք Ազրպէյճանի ռազմական խարիսխ, որից այսօր զգուշանալու ենք: Կարծում էք նոյն ճակատագրին չի՞ ենթարկուելու Արցախեան բանակցութիւնների ճնշման տակ գտնուող մեր ազատագրած հողատարածքների ճակատագիրը: Մեր ղեկավարները կարծում են այնքան դիւանագէտ են, որ կարողանալու են առանց զիջումների, Արցախը թշնամուն խարիսխ չդարձրած, դուրս գալ իրենց գործած մեծագոյն սխալից` ազատագրուած մեր տարածքները երկարատեւ եւ խոցելի բանակցութիւնների նիւթ դարձնելուց:

Մինչ Արցախը հպարտօրէն նշում է իր ազատագրման 26-ամեակը, մենք արդէն մի քանի շաբաթներ ի վեր լսում ենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ամերիկացի նախկին համանախագահ  Ռիչըրտ Հոկլընտի յայտարարութիւնը, որ Արցախի գրաւուած տարածքների շուրջ ընթացող բանակցութիւններում հայկական կողմը համաձայն է  փոխզիջումների եւ հարցը միայն Լաչինի մէջ թշնամու համար ապահով գօտի ստեղծելն է: Երկար տարիներ անընդմէջ հնչող այս սակարկութիւնները մեր բոլորի պրկուած զգայարանները այնքան են մաշել, որ մենք այլեւս անտարբերութեամբ ենք ընդունում բանակցութիւնների շուրջ ընթացող սուտ կամ ճիշդ լուրերը:

Իսկ մեր ղեկավարները, երկրի նախագահը, արտաքին գործերի նախարարը կամ պատասխանատուները, ոչ թէ բացարձակապէս չեն հերքում նրա յայտարարութիւնը, կամ հակառակը հաստատող փաստեր բերում, այլ փորձում են մեզ համոզել, որ վերջին խօսքը Արցախի ժողովրդին է պատկանում:

Բնականաբար այս անորոշ վիճակում տարբեր եզրակացութիւնների ենք յանգում եւ յաւելեալ անգամ վատ տրամադրւում մեզ հանգստացնողների հանդէպ, իսկ աւելի անկեղծ` չենք հաւատում ոեւէ մէկի յայտարարութեան:

Ես արդէն վերը նշեցի ժողովրդի ձայնի ոչինչ ազդեցութեան մասին ամէնուրեք: Եւ հիմա երբ մեզ հանգստացնում են ժողովրդի որոշմամբ հարցը լուծելու տարբերակին, իբր թէ այդ հարցը կարգաւորողները կ՛ընդունեն ու կը յարգեն Արցախի ժողովրդի կամքը, սկսում ենք խորապէս անհանգստանալ, քաջ գիտնալով, որ  բանակցութեան մասնակիցներից ոեւէ մէկը այնքան միամիտ չէ, որ սպասում է ժողովրդի հակառակ քուէին եւ դեռ շարունակում իր առ ու ծախը:

Հարցն այստեղ այն է, որ մենք այլեւս մի տեղից սկսելու ենք ՈՉ ասել մեր ազգային իրաւունքները չարաշահողներին: Մեր դարաւոր պատմութեան սխալ ընթացքը եւ մեր կորուստները հէնց այս չկարողանալ ՈՉ ասելու վրայ են հիմնուած: Մենք միշտ մէջքներս ծռած առերես համաձայնւում ենք բոլոր կողմերի հետ եւ սպասում, թէ նրանցից ո՞վ կ՛օգնի մեզ, որ նրանց ողորմածութեան հովանու տակ մտնենք անմիջապէս ու սպասենք, թէ նրանցից ո՞վ է լուծելու մեր հարցերը:

26 տարի առաջ մեր մարտիկները կարողացան ՈՉ ասել թշնամուն եւ ազատագրեցին Արցախը: Կարող էին ամբողջապէս ազատագրել եւ պարտուած թշնամու հետ բանակցութիւնների մէջ երբեք չմտնել, եթէ կարողանային նոյն ուժով ՈՉ ասել Արցախի ամբողջական ազատագրումը  խափանող մեր առաջին նախագահին: Մենք արդէն անգամներ ապացուցել ենք, որ կարող ենք ՈՉ ասել, ուրեմն պիտի շարունակենք մեր այդ ՈՉ-ը մինչեւ մեր վերջնական յաղթանակին հասնելը:

Մենք գիտենք, գերպետութիւնները յատուկ ծրագրով, մեր նման, ինքներս մեզ թակարդի մէջ դրած երկրներին, պահում են երկարատեւ բանակցութիւնների կապանքների մէջ, այդ կապանքների ծայրը միշտ իրենց ձեռքում պահելով, որ տարածաշրջանը երբեք խաղաղութիւն չունենայ, որ իրենք իրենց հետագայ ծրագրերը իրականացնեն այդ երկրներում: Մեր տարածաշրջանը մեծ ռազմավարական  հնարաւորութիւններ ունի, դրա պատճառով դարեր ասպատակուել է մեր հողը: Եթէ դա մենք չենք տեսնում ու գնահատում, դա մեր քաղաքական տհաս մտածողութեան ապացոյցն է:

Մենք ցոյցի ենք ելնում ամէն պատեհ առիթով միայն ընկերային պահանջների համար, սակայն երբ մեր հայկական գերեզմանատան վրայ արտաքնոց են կառուցում Թուրքիոյ խորհրդարանի հրամանով, միայն մէկ հայ է իր ձայնը բարձրացնում` Կարօ Փայլանը: Լաւ որ այդ աննման հային ունենք, փառք ու պատիւ իրեն, որը միայնակ, ծեծուելով, իր կեանքը վտանգելով, մեր հարցերն է պաշտպանում թշնամու տան մէջ, հայ դպրոցների վիճակից սկսած մինչեւ մեր ազգապատկան  ունեցուածքների ոչնչացման կամ ազգային իրաւունքների ոտնակոխման ժամանակ: 

Բայց չէ՞ որ մեր հայրենի իշխանութեան եւ Հայ դատի պարտականութիւնն էր Թուրքիոյ այդ անբարոյ վճռի` Վանի Արտամէտ շրջանի հայկական հինաւուրց գերեզմանատան վրայ արտաքնոցի կառուցման դէմ որպէս պետութիւն, որպէս հայերի իրաւունքների պաշտպան, բողոքել: Ոչ միայն պետական, այլ ազգային պարտականութիւնն էր աշխարհի ուշադրութեան ներկայացնել, մինչեւ իսկ ՄԱԿ-ի խորհրդաժողով եւ ազգերի իրաւունքները պաշտպանող այլ բարձրագոյն հաստատութիւնների ուշադրութեան արժանացնել Թուրքիոյ այդ միտումնաւոր նուաստացուցիչ վճիռը` յաւելեալ անգամ աշխարհին ազդարարելով, որ Թուրքիան շարունակում է Հայոց ցեղասպանութիւնը նոյնիսկ հայ մեռեալների վրայ, պղծում է մեր բռնագրաւած տարածքները, բացայայտօրէն ոչնչացնում մեր ազգային մասունքները: Որ Թուրքիայի այդ որոշումը աւելի շատ հայ ժողովրդին յաւելեալ անգամ ոչնչացնելու քայլ է, քան տեղի անհրաժեշտութիւն:

Ինչպէ՞ս է, որ Թուրքիան դեռ չի ազատագրւում իր թոյնից հանդէպ հայի, իսկ հայը արդէն ներել է եւ այսպիսի անպատուող ապտակները լռութեամբ ու անտարբերութեամբ է ընդունում: 

Չէ՞ որ պետական որոշումները պետական մակարդակով են լուծւում:

Մենք լռեցինք, երբ Նախիջեւանի մեր նախնիների գերեզմաններն էին յօշոտում եւ տեսաք, թէ արդիւնքը ինչ եղաւ: Հիմա էլ լռեցինք եւ արդիւնքը պարզ է: Վստահ եմ վաղը հայ զբօսաշրջիկները իրենք էլ նոյն անտարբերութեամբ կ՛օգտագործեն այդ արտաքնոցը:

Չենք մտածում, որ եթէ նոյնիսկ մեր բողոքը արդիւնք էլ չտայ, գոնէ անհանգստացրած կը լինենք թշնամուն, յաւելեալ անգամ ազդարարելով մեր կեցուածքը  իր գործած անժամկէտ, աններելի յանցագործութեան պատասխանատուութեան համար, իսկ աշխարհի ուղեղում կրկնակի անգամ կը փորագրուի մի փաստ` մեր հողերի բռնագրաւած վիճակի փաստը:

Ինչպէս երեւում է, մենք դեռ շատ երկար ճանապարհ ունենք անցնելու որպէս ազգ, որ հասկանանք իրապէս ինչպէս են մեծ ազգ դառնում: Դառնում են մեծ քայլերով, համարձակ որոշումներով, խաղաղութիւնը ոչ թէ մուրալով շահելով, ուրիշների օգնութեան վրայ միշտ աչք տնկած, այլ սեփական ուժերը կեդրոնացնելով, քաղաքական մտքի զարգացումով, սեփական հողի իրաւունքի պաշտամունքով:

Եթէ այսօրուան դիրքորոշումով ու հոգեբանութեամբ շարունակենք, աշխարհը իրապէս պիտի շրջենք մեր գլխին:

Ամիսներ ի վեր մամուլում, դիմատետրերում, համացանցում խօսւում, ներբողւում է մօտեցող, սեպտեմբեր 18-ին կայանալիք Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համագումարի մասին: Մեծ պաթոսով ազդարարւում է «մի քանի հազա՛ր» հրաւիրեալների մասնակցութիւնը, որն ի դէպ, ինձ յիշեցնում է նախկինում` Մոսկուայում, կայացող ՍՄԿԿ (Սովետական Միութեան Կոմունիստական կուսակցութիւն) համագումարները, ուր առանձնակի պատիւ էր մասնակցելը եւ մասնակիցները, մեծամասամբ խորհրդային կարգերի նուիրեալներ, վերադառնում էին դատարկ քարոզչութեամբ լեցուած: Թող ինձ ներեն այս ակամայ համեմատութեան համար, որը պարզապէս ցաւով ծնուեց իմ մէջ` տեսնելով, թէ այս թէժ քաղաքական վտանգուած պահին, մենք արդեօք սուտ քարոզչութեամբ չե՞նք զբաղւում: Արդեօք այս խոստացեալ «Համազգայի՛ն խորհուրդի» կազմութիւնը միայն ներկայ Հայաստանի հիմնադրման 100-ամեակի համատեղ ձեռնարկներ կազմելու համա՞ր է, թէ՞ կարողանալու է մեր մասնատուած վիճակը հարթել, կարողանալու է երկրի արտագաղթի հոսքի հիմնական պատճառների եւ դրա արգիլման հարցը բարձրացնել, օրէօր աճող իրենց արմատներին վերադարձող մահմետականացած հայերի ճակատագրի հարցը արծարծել, Արցախեան մեր տարածքների ապահովութեան  խնդիրը քննարկել: Վերջապէս առաջնակարգ եւ հրատապ պահանջ  դարձնելո՞ւ է մեր հողային եւ համընդհանուր ունեցուածքների պահանջատիրութեան հարցը:

Ուրախ եմ, որ սփիւռքից հազարաւոր հայեր են մասնակցելու: Ուրախ եմ, քանի որ հայրենիքի հետ իւրաքանչիւր շփում աւելի է մեզ մօտեցնում իրար: Սակայն իմ մտահոգութիւնն այն է, որ սփիւռքը արդեօք կրկին գնում է միայն ունկնդրելո՞ւ, մի քանի պատուոյ գիր-շքանշաններով օծուելով, սուտ խոստումներով վերադառնալու, ինչպէս նախորդ անգամներին, թէ՞ լուրջ պահանջների ծրագիր ունի մշակած: Եթէ ծրագիր ունի մշակած, ինչո՞ւ սփիւռքում ապրողներս անհաղորդ ենք այդ ծրագրին:

Ցաւալի, բայց անժխտելի իրականութեամբ սփիւռքում հայութեան թիւը կրկնակի եւ աւելի անգամ շատ է, քան բուն հայրենիքում, հետեւաբար իր ասելիքը աւելի ծանրակշիռ ու բազմաշերտ է լինելու, աւելի կարեւոր, լսելի դառնալու:

Ոչ ոք չի կարող ժխտել, որ սփիւռքը Հայաստանի հետ, անկախութեան առաջին իսկ օրից, կիսում է նրա դժուարութիւնները, աւելիով օժանդակում նրա արագ վերականգմանը, յատկապէս տնտեսական հարցերում, մեծ ներդրումներով օգնում իր երկրի զարգացմանը  եւ բնականաբար իրաւունք ունի նաեւ առաջարկների, յատկապէս այդ առաջարկները ընդունելի դարձնելու: Այնպէս որ, սփիւռքը պիտի ներկայանայ լրջօրէն ուսումնասիրուած, պատրաստուած ամբողջական ծրագրով, ներառած ողջ սփիւռքահայութեան ձայնը, որի գլխաւոր առանցքը մեր ուշացած պահանջատիրութեան հարցը, սփիւռքահայութեան կողմից Հայաստանի պետականութեան ծրագրի մասը դարձնելու հրատապ պահանջն է: Եւ դա ոչ թէ աղերսանք, խնդրանք կամ սոսկ արտայայտութիւն է լինելու, այլ լրջօրէն մշակուած, օրինաւոր, աստիճանական փուլերով վերջնական նպատակակէտին հասնելու ցուցմունքով պահանջ է լինելու: Այո՛, սփիւռքը իրաւունք ունի ոչ միայն ներդնելու, այլ նաեւ պահանջելու: 

Անշուշտ այս համատարած փլուզուող աշխարհում, սփիւռքահայութիւնը` գտնուելով այդ խառնարանի կեդրոնում, ամէն կերպ փորձում է պահպանել իր հայութիւնը եւ հայ արժէքները փոխանցել սերունդներին: Արդէն մի քանի սերունդ մեծ զոհողութիւնների գնով շարունակաբար կրթւում է անսահման հայրենասիրութեամբ իր երկրի ու այդ երկրի համար արիւն թափած հերոսների անուամբ սնուելով, սակայն միաժամանակ զգալի է արեւմտայնացումը նրանց մտածելակերպի եւ հոգեբանութեան մէջ եւ այստեղ է Հայաստանի օգնութեան անհրաժեշտութիւնը:

Փոխադարձաբար օգտակար է սփիւռքի փորձառութեան ներդրումը հայրենի ժողովրդի հայրենասիրութիւնը գիտակցական հող դարձնելու, սեփական հողի իւրաքանչիւր թիզը արժեւորելու ու պահպանելու գործում: Այս համատեղ փոխադարձ աշխատանքով միայն կ՛արժեւորուի Համահայկական խորհուրդի կազմութիւնը եւ հետագայ համաժողովները:  

Աշխարհի արագօրէն փոթորկուող իրարանցումի մէջ մեր պարտականութիւնն է առանց դոյզն իսկ զիջումների, դա լինի հողային, սահմանային, ազգային շահերում անկոտրում ամրանալ, յառաջ ընթանալ, թոյլ չտալ, որ աշխարհը շուռ գայ մեր գլխին:

 

13 սեպտեմբեր 2017թ

 

Անդրադարձ. Սպասելով Թրամփ-Էրտողան Հանդիպումին

0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 19-25 սեպտեմբերին պիտի այցելէ Նիւ Եորք` մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 72-րդ նստաշրջանին: Ան իր այդ այցելութեան ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ պիտի ունենայ հանդիպում մը, որուն ընթացքին սեղանի վրայ պիտի դրուի թուրք-ամերիկեան կնճռոտած յարաբերութիւններուն հաստափոր թղթածրարը, որ կը բովանդակէ բազմաթիւ խնդիրներ, ինչպէս` Կիւլենի, Սուրիոյ քիւրտերու, Թուրքիոյ տնտեսութեան նախկին նախարար Զաֆեր Չաղլայանի եւ Էրտողանի թիկնապահներուն դէմ յարուցուած դատական գործերու, թուրք-իրանեան եւ թուրք-ռուսական ծաղկող գործակցութեան հարցերը:

Հանդիպումին նախօրեակին ամերիկեան կողմին մօտ արդէն տեղի կ՛ունենան անուղղայ Թուրքիոյ նկատմամբ որդեգրուելիք քաղաքականութեան շուրջ քննարկումներ: «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Նիւ Եորքի Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդ հիմնարկէն Սթիվըն Քուք 6 սեպտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի լսումի նիստին ընթացքին յայտնած է. «Փակ դռներու ետին թուրք պաշտօնատարները յանդիմանելն ու հրապարակաւ զանոնք գովելը» չի կրնար ազդել Անգարայի քաղաքականութեան վրայ: Ան նոյեմբեր 2015-ին ռուսական օդուժի ռմբաձիգին Սուրիոյ վերեւ վար առնուելէն ետք Ռուսիոյ կողմէ պատժամիջոցներու որդեգրման օրինակը նշելով ընդգծած է, թէ այդ քայլը ազդեց Էրտողանի վրայ եւ դրական արդիւնք տուաւ: Ան Էրտողանի իշխանութիւնը կարգի բերելու համար առաջարկած է շարք մը տնտեսական, զինուորական եւ «դրական ճնշումի գործելաոճեր», ինչպէս` «Ինճիրլիք»-էն հեռանալու կամ շրջանին մէջ այլ ռազմակայաններէ գործելու կարելիութեան ուսումնասիրութիւնը, առաջին կարգի զէնքերու զարգացման ու ձեռքբերման Թուրքիոյ մասնակցութեան սահմանափակումը, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ քաղաքացիները Թուրքիա այցելելէ զգուշացնելը:

Նշեալ նիստի այլ մասնակից մը` Օպամայի վարչակազմին մէջ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի օգնական եղած, Հարվըրտ համալսարանէն Ամանտա Սլոթ յայտնած է, որ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու նկատառելի կրճատումէն պիտի օգտուին միայն անոնք, որոնք չեն ուզեր, որ Թուրքիան դէպի Արեւմուտք նայի: Ան 16 ապրիլի հանրաքուէին ընթացքին քուէարկողներու թիւին շուրջ կիսուն «Ոչ» քուէարկելն ու ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան «Արդարութեան քայլարշաւ»-ի օրինակները նշելով ըսած է, որ «Թուրքիոյ մէջ քաղաքացիական հասարակութիւնը մահացած չէ»` աւելցնելով. «Եթէ Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները լքեն Թուրքիան, Անգարան այլուր գործընկերներ պիտի փնտռէ, ինչպէս Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ վերջին կապերը ցոյց կու տան»: Ան եզրակացուցած է, թէ կապերու պահպանումը «կը շարունակէ մնալ յառաջընթացի միակ ուղին… ներառեալ` կառավարութեան հետ անկեղծ քննարկումը եւ գործարարական ու քաղաքացիական հասարակութեան հետ ընդլայնուած կապերը»:

Ահաւասիկ Թրամփի վարչակազմին առջեւ դրուած երկու ընտրանքներ. առաջինը Ռուսիոյ օրինակով կարծր ու արդիւնաւէտութիւնը փաստուած կեցուածքի մը որդեգրումն է, իսկ երկրորդը` «գայլին գլխուն աւետարան կարդալն» ու մինչեւ հիմա փորձուածը փորձելը: Նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու նախագահին անկանխատեսելիութիւնն ու ամերիկեան վարչակազմի տարբեր անդամներու այլ առիթներով երեւան եկած զիրար հակասող կեցուածքները` կարելի չէ նախատեսել, թէ Թրամփ-Էրտողան հանդիպումին ընթացքին եւ ատկէ ետք վերոնշեալ քաղաքականութիւններէն ո՛ր մէկը պիտի կիրարկուի: Մեզի կը մնայ սպասել ու տեսնել:

 

 

Ֆրանսա, Հանրախանութներ Կը Վանեն Խաչը

0
0

«Նոր Յառաջ»

Վերջին շրջանին ֆրանսական հանրախանութներու մէջ «նորաձեւութիւն» դարձած է խաչին վանումը: Այն ապրանքները, որոնք իրենց ծրարին վրայ խաչով պիտակ կը կրէին, հիմա կը «ձերբազատին» անկէ, քանի նորերու վրայէն կը ջնջուի «այդ անբաղձալի տարր»-ը եւ տուեալ արտադրութիւնը առանց անոր կը ներկայացուի սպառողին: Ասիկա պարագան է, օրինակ, «Քարֆուր» հանրախանութներու ցանցին, որուն մակնիշով, վաճառուող յունական մածուններուն վրայ նախապէս կար յունական եկեղեցիներու նկար մը, բնականաբար` իրենց խաչակիր գմբէթներով: Իսկ հիմա այդ նոյն մածունի տուփերուն վրայ կայ (գրեթէ) նո՛յն պիտակը, կան նո՛յն գմբէթները, բայց… առանց խաչի. պիտակը «վայելած» է «Ֆոթոշոփ»-ի բարիքները:

Այս երեւոյթին առաջին անդրադարձողներէն եղած է Պուշ-տիւ-Ռոն նահանգի երեսփոխան, հայոց ծանօթ անձնաւորութիւն Վալերի Պուայէ, որ Դիմատետրի իր էջին գրած է հետեւեալը.

«Քարֆուր» նախընտրած է քրիստոնէական խաչերը ջնջել իր ծրարներէն, բայց մահմետական մահիկը կը շարունակէ տեղ գտնել անոր հալալ արտադրութիւններուն վրայ:

Մեր ազգը հիմնուած է մշակութային հողի մը վրայ, որ ունի իր ուրոյն աւանդութիւններն ու ազդեցութիւնները: Չմոռնանք, որ այդ ազդեցութիւններէն քրիստոնէութիւնը խորապէս դրոշմած է եւրոպական մերօրեայ հասարակութիւնները եւ անոնց սահմանադրութիւնները, յունական փիլիսոփայութեան, հռոմէական օրէնքին, Վերածնունդի կամ Լուսաւորութեան դարաշրջանի կողքին:

Քրիստոնէութիւնը մեզի թոյլ տուաւ Մարդը ընկալել որպէս լրիւ անհատ: Մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը կը յենի քրիստոնէական արժէքներու:

Ֆրանսա աշխարհիկ երկիր մըն է` քրիստոնէական ազդեցութեամբ եւ արժէքներով: Մեր պատմութիւնը կերտուած է արքաներու եւ եկեղեցիներու շուրջ:

Մինչեւ ո՞ւր պիտի երթայ մեր արմատներէն ու մեր պատմութենէն հրաժարումը, անոնց ուրացումը»:

***

Նոյն նիւթին մասին այլ հրապարակումի մէջ ալ գրուած է. «Լիտըլ», «Քարֆուր», «Նեսթլէ» եւ «Տանոն», ի յարգանս բազմազանութեան` ջնջեցին ուղղափառ եկեղեցիներու վրայի խաչերը այն նկարներէն, որոնք տեղ կը գտնէին սննդեղէնի զանազան արտադրութիւններու վրայ: Բայց այս ընտրութիւնը համայն Եւրոպայի մէջ պատճառ դարձաւ սպառողներու զայրոյթին»: Այս տողերը ենթադրել կու տան, որ երեւոյթը միայն Ֆրանսայի յատուկ չէ, այլ տարածուած է ամբողջ Եւրոպայի մէջ:

 

Էրտողա՞ն, Թէ՞ Բանակը՛ Թրքական «Ժողովրդավարութեան» Թշնամին

0
0

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ժողովրդավարութեան նմուշ նկատուող Թուրքիան այսօր կը գտնուի մենատիրական իշխանութեան վերադառնալու սեմին: 2016 յուլիսի զինուորական յեղաշրջման ձախող փորձը յանգեցաւ ընդդիմադիրներու զանգուածային ձերբակալութեան… եւ մասնաւորաբար` Էրտողանի միահեծան իշխանութեան ամրապնդումին:

Իր կողմնակիցներուն համար, որոնք մեծ թիւ կը ներկայացնեն, Էրտողան հայրական ոգիով գործող տիպար ղեկավարն է, որուն կարելի է վստահիլ երկիրը: Բայց իր հակառակորդներուն համար ան կը գտնուի ամբողջովին բռնատէր դառնալու ճամբուն վրայ: Տեղի՞ն է արդեօք այս մտահոգութիւնը: Ժողովրդավարութիւնը վստահօրէն վտանգուած է Թուրքիոյ մէջ, բայց կարելի՞ է արդեօք նոր վարչաձեւը բռնատիրական նկատել:

Նախապէս քաղաքական  միտքը յստակ սահմանումներ ունէր ժողովրդավարութիւնը եւ բռնատիրութիւնը զատորոշելու ժամանակ: Մինչ ժողովրդավարութիւնը կը ցոլացնէր ազատ եւ արդար ընտրութիւններ, քաղաքացիական ազատութիւններ ու դատական անկախութիւն եւ օրէնքի գերակայութիւն, միւս կողմէ` բռնատիրութիւնը կը բնորոշուէր ընտրութիւններու բացակայութեամբ, ազատութիւններու կաշկանդումով եւ փտածութեամբ: Իբրեւ պարզ նմուշ կարելի է տալ հարաւային եւ հիւսիսային Քորէաներու օրինակները,  բայց կան բազմաթիւ վարչաձեւեր, որոնք կը գտնուին ժողովրդավարութեան եւ բռնատիրութեան միջեւ տեղ մը, եւ զորս կարելի է նկատել խառնածին (hybrid) վարչաձեւեր:

Խառնածիններուն մէջ տեղի կ՛ունենան ընտրութիւններ, ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն կ՛արտօնուի առաջադրել թեկնածուներ, եւ նոյնիսկ կը տրուին քաղաքացիական որոշ ազատութիւններ` ժողովրդավարական ընդունուած հաստատութիւններու ծիրին մէջ, բայց անոնք գրեթէ չեն գործեր եւ ոչ մէկ ձեւով կը սպառնան իշխող խաւին:

Այսօր, աշխարհի տարածքին, ժողովրդավար նկատուող վարչաձեւերուն մեծամասնութիւնը խորքին մէջ խառնածին բնոյթ ունի: Մինչ բազմաթիւ բռնատիրական երկիրներ կը կազմակերպեն եւ կ՛օգտագործեն կասկածելի ընտրութիւններ` ժողովրդավար երեւնալու համար (օրինակ` Անկոլա), անդին` ժողովրդավար նկատուած երկիրներ ետդարձ կ՛ընեն եւ կ՛ուղղուին դէպի բռնատիրութիւն:

Սեղմումներ

Այսօր ժողովրդավարութեան նահանջի ամէնէն տարածուած ձեւերէն մէկը գործադիր իշխանութեան ինքնամեծարումն է, երբ այդ  իշխանութեան վրայ գտնուող ղեկավարը կը թուլացնէ հաշուետուութեան եւ հաշուառութեան համակարգը` միաժամանակ տկարացնելով օրէնսդիր ու դատական իշխանութիւնները եւ ընդդիմութիւնը ընդհանրապէս՛ յենելով ժողովրդային հանրաքուէներու վրայ` «ժողովրդային մանտա» ստանալու միտումով: Այս առումով, Էրտողանի իշխանութեան տակ, Թուրքիոյ պարագան կրնայ ծառայել իբրեւ դասագրքայն օրինակ:

Էրտողան իշխանութեան հասաւ 2002-ին, երբ իր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը շահեցաւ երեսփոխանական աթոռներուն մեծամասնութիւնը: Էրտողան անմիջապէս սկսաւ իր կնիքը դնել երկրին վրայ` պաշտօնավարութեան առաջին երկու տարուան ընթացքին մշակելով եւ որդեգրելով 500 օրէնք: 2010-ին, իր մանտան դրսեւորելու միտումով, Էրտողան հանրաքուէի միջոցով առաջադրեց սահմանադրական երկու տասնեակ փոփոխութիւններ, մինչ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան չափանիշներուն հասնելու նպատակով բարելաւուած քաղաքացիական ազատութիւններուն մէկ մասը կը չքանար: Կը սահմանափակուէին մամուլի ազատութիւնները, բազմաթիւ կայքէջեր կը փակուէին, եւ պատկերասփիւռին գործելու շարժումը կը սահմանափակուէր:

2013-ին, Պոլսոյ Կեզի զբօսայգիի բողոքի ցոյցերէն ետք, աւելի քան 80 լրագրողներ գործէ արձակուեցան: Լրագրողներ ընդհանրապէս կրնան դատական հետապնդումի ենթարկուիլ` կառավարութիւնը քննադատող որեւէ գրութեան պարագային:

Էրտողան ճիգ չխնայեց նաեւ տկարացնելու դատական իշխանութիւնը: Ան իրաւունք ստացաւ նշանակելու Սահմանադրական դատարանի 17 անդամներէն 14-ը: 2014-ին, 3000 դատաւորներ հեռացուեցան: Դատարաններուն փոխարէն, իբրեւ օրէսդիր մարմին, խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն վայելող Էրտողանի կուսակցութիւնը այժմ կը վերահսկէ, թէ ո՛ր կուսակցութիւնները կրնան մասնակցիլ ընտրութիւններուն: Տակաւին, 2015-ին, Ազգային հետախուզական կազմակերպութեան (գլխաւորուած նախագահին կողմէ նշանակուած պաշտօնատարի մը կողմէ) կը տրուի Թուրքիոյ մէջ ոեւէ անձ հետապնդելու իրաւունք` առանց դատական իշխանութիւններէն արտօնութիւն առնելու:

Միւս կողմէ` զինուորականները երբեք չյաջողեցան «ձեւի բերելու» Էրտողանը: Ի տարբերութիւն իր նախորդներէն ոմանց, երբ բանակը կը սպառնար անուղղակի վերահսկողութիւն հաստատել քաղաքական կեանքին վրայ, Էրտողան կը մերժէր ենթարկուիլ սպառնալիքներուն, օրինակ` 2007-ին, երբ ան առաջադրեց եւ պարտադրեց արտաքին գործոց նախարար Ապտիւլլա Կիւլի նախագահ ընտրութիւնը` հակառակ զինեալ ուժերու ընդդիմութեան: Եւ 2016-ի յեղաշրջման փորձէն ասդին, որ, ըստ երեւոյթին, ծրագրուած էր անկարգապահ զինուորական զօրամասերու կողմէ, Էրտողան յստակ դարձուցած է, որ ինք ուղղակիօրեն պիտի վերահսկէ զինեալ ուժերը: Քանի մը օրուան մէջ ան 100 զօրավար եւ աւելի քան 1500 սպայ վտարեց բանակէն:

Ընդհանուր առմամբ, յեղաշրջման ձախող փորձին հակազդեցութեան տարողութիւնը երբեք չէր նախատեսուած: Աւելի քան 16 հազար հոգի ձերբակալուեցաւ, եւ առնուազն 60.000 պաշտօնեաներ գործէ արձակուեցան: Սակայն պէտք էր սպասուէր նման քայլ Էրտողանէն, որուն իշխանատենչութիւնը, ըստ շատերուն, սահման չունի եւ կրնայ հասնիլ մինչեւ «կայսերական նախագահութիւն» հաստատելու աստիճանին:

Կը մնայ սպասել, որ արդեօք Էրտողան պիտի յաջողի՞ ամբողջական մենատիրութիւն հաստատելու Թուրքիոյ մէջ, թէ՞ Թուրքիա պիտի դառնայ խառնածին պետութիւն մը, ինչ որ աւելի հաւանական կը թուի ըլլալ: Ցարդ յստակ է միայն, որ Էրտողանի իշխանատենչութիւնը բաւական վնաս պատճառած է Թուրքիոյ:

Նաթաշա Էզրով
Էսեքս համալսարանի աւագ դասախօս

Պատմական Ակնարկ` Յեղաշրջումներուն Մասին

Թրքական բանակը շատոնց ինքզինք նշանակած է իբրեւ «թրքական ժողովրդավարութեան խնամակալ» կամ պահապանը  Քեմալ Աթաթուրքի ստեղծած արդիական եւ աշխարհիկ պետութեան: Իբրեւ այդպիսին` անիկա երեք անգամ ուղղակիօրէն միջամտած է թրքական քաղաքականութեան մէջ, իսկ 1997-ին կատարած է «յետարդիական (postmodern) յեղաշրջում» մը:

1960

Առաջին յեղաշրջումը տեղի ունեցած է 1960-ին` կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ լարուածութեան սրումին պատրուակով:

Իշխանութեան վրայ գտնուող Ժողովրդավար կուսակցութիւնը, գլխաւորութեամբ վարչապետ Ատնան Մենտերեսի եւ նախագահ Ճելալ Պայարի, կը սկսի թուլցնել կրօնի հետ կապուած եւ Աթաթուրքի ժամանակաշրջանին որդեգրուած շարք մը օրէնքներ: Հազարաւոր մզկիթներ կը վերաբացուին, թրքերէնի փոխարէն` արաբերէնով աղօթքը կ՛օրինականացուի, կրօնական նոր դպրոցներ կը բացուին եւ զինուորական պարտադիր ծառայութեան ժամանակը կը կրճատուի: Միաժամանակ կը սահմանափակուին մամուլի օրէնքները, եւ ընդդինադիր թերթերու տպագրութիւնը յաճախակիօրէն կ՛արգիլուի:

Կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ լարուածութիւնը այնքան կը սրի, որ 1960-ի սկզբը Մենտերես ստիպողական վիճակ կը յայտարարէ: Մայիսի 27-ին բանակը կը միջամտէ եւ կը տապալէ կառավարութիւնը: Նախագահը, վարչապետը եւ կառավարութեան քանի մը անդամներ կը ձերբակալուին եւ կը դատուին դաւաճանութեան յանցանքով: Մենտերես կախաղան կը բարձրացուի:

Զօրավար Ճեմալ Կիւրսել կը ստանձնէ իշխանութիւնը` իբրեւ նախագահ եւ վարչապետ: Զինուորական իշխանութեան այս շրջանը կը տեւէ մինչեւ 1965:

1971

Թուրքիոյ տնտեսութիւնը 1960-ականներու վերջերը կը հասի անկումի հանգրուանին` պատճառ դառնալով համատարած խռովութիւններու: Աշխատաւորական կազմակերպութիւններ կը կազմակերպեն բողոքի ցոյցեր, երբեմն` վայրագ, որուն կը  հակադարձէ ծայրայեղ աջը: Դրամը կ՛արժեզրկուի, եւ սղաճը կը հասնի 80 առ հարիւրի: Անիշխանական մթնոլորտ կը տիրէ Թուրքիոյ մէջ:

1971 մարտին զինուորականները անգամ մը եւս կը միջամտեն` կարգ ու կանոն հաստատելու պատրուակին տակ: Սպայակոյտի պետ Մամտուհ Թակմաք յուշագիր կը յղէ վարչապետ Սիւլէյման Տեմիրելի` կազմելու նոր կառավարութիւն` մեկնելով Աթաթուրքի սկզբունքներէն: Տեմիրել կը հրաժարի:

Այդ շրջանին բանակը ուղղակի իշխանութիւն չի հաստատեր: Առաջին հերթին, ան աջակողմեան Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան անդամ Նիհաթ Էրիմը կը նշանակէ վարչապետ, որուն կառավարութիւնը իշխանութեան վրայ կը մնայ մինչեւ 1973, երբ խորհրդարանը նախագահ կ՛ընտրէ հանգստեան կոչուած ծովուժի սպաներէն Ֆահրի Քորոթուրքը:

1980

Անկայունութիւնը Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուի նոյնիսկ 1971-ի յեղաշրջումէն ետք: 1970-ական թուականներուն Թուրքիա վարչապետ կը փոխէ 11 անգամ, տնտեսութիւնը կը շարունակէ մնալ լճացած, իսկ ձախակողմեան եւ աջակողմեան խմբակներ կը շարունակեն բախումներ ունենալ փողոցներուն մէջ: Հազարաւոր մարդիկ կը սպաննուին:

Բանակը 1979-ին կը սկսի քննարկել յեղաշրջումի հաւանականութիւնը, եւ 1980 մարտին խումբ մը զօրավարներ առաջ անցնելու տրամադրութիւն կը յայտնեն: Քանի մը անգամ յետաձգուելէ ետք, վերջապէս սեպտեմբերին սպաները ստիպողական վիճակ կը յայտարարեն եւ կը ստանձնեն իշխանութիւնը:

Քենան Էվրեն կը դառնայ նախագահ, իսկ ծովուժի սպայ Պիւլենթ Ուլուսու կը ստանձնէ վարչապետի պաշտօնը:

Զինուորականները կը ձերբակալեն հարիւր հազարաւոր մարդիկ: Շատեր մահապատիժի կ՛ենթարկուին, իսկ ուրիշներ պարզապէս կ՛անհետանան:

1982-ին հանրաքուէի կը դրուի նոր սահմանադրութիւնը, որ կ՛որդեգրուի լայն մեծամասնութեամբ:

Զինուորական իշխանութեան այս շրջանը որոշ կայունութիւն յառաջ կը բերէ Թուրքիոյ մէջ: 1983-ին, Ուլուսուի կը յաջորդէ Թուրկութ Օզալը, որուն կը տրուի Թուրքիոյի տնտեսութիւնը կայունացնելու պատիւը` պետական հաստատութիւններու սեփականաշնորհման միջոցով: Դրամի արժեզրկումը կը նահանջէ, մինչ աշխատուժը աճ կ՛արձանագրէ:

1997

1995-ի ընտրութիւնները կը շահի իսլամական Բարօրութիւն կուսակցութիւնը Էրպաքանի գլխաւորութեամբ, որ կը կազմէ համաձայնական կառավարութիւն մը:

Դժգոհ` իսլամականներու յաջողութենէն, 1997-ին զինուորականները շարք մը «յանձնարարականներ» կու տան կառավարութեան, որ այլընտրանք չունէր` բացի ընդունելէ զանոնք: Հետագային բանակը կը ստիպէ Էրպաքանի հրաժարական ներկայացնելու:

Էրպաքանին` կուսակցութիւնը լուծարքի կ՛ենթարկուի 1998-ին, որուն կ՛արգիլուի նաեւ քաղաքականութեամբ զբաղիլ հինգ տարի: Կուսակցութեան նախկին անդամներ, որոնց շարքին` Ռէեճեփ Թայիփ Էրտողան, կը հիմնեն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը:

 

Աղբիւրներ

Newsweek, The Economist, AlJazeera

https://www.economist.com/news/leaders/21720590-recep-tayyip-erdogan-carrying-out-harshest-crackdown-decades-west-must-not-abandon

http://www.newsweek.com/erdogan-dictator-autocratic-continues-endanger-turkey-democracy-490729

http://www.aljazeera.com/news/europe/2012/04/20124472814687973.html

 

 

Դաշնակցութեան Ազգային Արեւելումէն Խաւարողները

0
0

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Կան հանրութիւնը յուզող դէպքեր, որոնք ազգային արժանապատուութիւնը կը խոցեն: Նման դէպք մը պատահեցաւ քանի մը օր առաջ, սեպտեմբեր 12-ին, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւնը որոշեց փակել Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի «Խաւարում» խորագրեալ բացօթեայ ցուցահանդէսը, որ նուիրուած էր խորհրդային բռնատիրութեան զոհերուն:

Կան հանրութիւնը մտահոգող պահանջներ, որոնք ազգային պատմութիւնը սրբագրելու կը ձգտին: Նման պահանջ մըն էր Երեւանի մէջ պոլշեւիկ ղեկավարներու անունը կրող փողոցներու վերանուանումը` ազգային հարազատ արժէքներ մարմնաւորող անհատներու եւ պատմական դէպքերու անուններով:

Կան նաեւ հանրութեան հպարտութիւնը վերահաստատող նախաձեռնութիւններ, որոնք կը վերականգնեն մեր ազգային գիտակցութիւնը, կը յաւերժացնեն մեր հաւաքական յիշողութիւնը եւ կը լուսագծեն ճանապարհը` մեր ժողովուրդի անկատար իղձերուն ու պատմական առաքելութեան: Նման նախաձեռնութիւն էր Երեւանի կեդրոնը մեր անկախ հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի յուշարձանի տեղադրման որոշումը:

Նման դէպքերու ճամբով է, որ կը կոփուի հայ մարդուն քաղաքացիական գիտակցութիւնը, կը ձեւաւորուի առողջ քաղաքական մշակոյթի զարգացումը, եւ կը պատրաստուի գիտակից ազգային ղեկավարութիւնը: Այս ակնկալութիւններուն թարգմանն ու խթանը պէտք է հանդիսանային նշեալ երեք դէպքերը:

Թումանեանի տուն-թանգարանի «Խաւարում» ցուցահանդէսը կոպտօրէն խափանուեցաւ մեր պետութեան այն նախարարութեան կողմէ, որուն վստահուած է մեր մշակոյթի պաշտպանումը, պահպանումը եւ յաւելեալ զարգացումը: Փակման որոշումի կապակցութեամբ մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեանը նշած է, որ` «Ճիշդ է` թեման ակտուալ (ժամանակակից, Ա.) է, մենք պէտք է պատմութեանը պարզ երեսով նայենք, բայց կարծում եմ, որ այն մի փոքր քաղաքականացուած էր»: Այսպիսի յանձնապաստան բացատրութիւն պարզապէս փորձ մըն է սքօղելու նման որոշումի ետին կանգնող պատասխանատուներու նենգ մտայնութիւնը:

Արուեստի ճամբով ճշգրիտ պատմութեան ներկայացումը բնականաբար պիտի ունենայ քաղաքական պատգամ, որովհետեւ ներկայացման թեման, ըստ ձեւի ու ըստ էութեան, քաղաքական բովանդակութիւն ունի: Կ՛ակնկալուի, որ մեր մշակոյթի նախարարութիւնը կազմուած ըլլայ մասնագէտներէ, որոնք օժտուած ըլլան բազմակողմանի գիտելիքներով եւ տեղեակ ըլլան արուեստի արտայայտութեան այլազան տեսակի ոճերու: Այլապէս նախարարութեան ներկայ անձնակազմը պիտի չզարմացնէ, եթէ պոռնկագրութեան բացատրութեամբ ցուցահանդէսէ մը դուրս հանէ մերկութիւն արտայայտող քանդակ մը:

Հիմնովին սխալ էր նախարարութեան այս որոշումը եւ, իբրեւ այդպիսին, աններելիօրէն դատապարտելի:

Երկրորդ դէպքը. պոլշեւիկ մարդոց անունները Երեւանի փողոցներու վերանուանման հարցը ցարդ անհետեւանք մնացած անորոշութիւն մըն է երկու պատճառներով: Առաջին, վերանուանման պահանջը անկազմակերպ, այլեւ ամբոխավարականի ձեւով ու բնոյթով ի սկզբանէ ամլութեան դատապարտուած բաղձանքի մը վերածուեցաւ: Տիրեց բազում աղմուկը, բացակայեցաւ ծրագրուած ու հիմնաւորուած վերանուանման առաջադրութիւնը:

Երրորդ դէպքը. Արամ Մանուկեանի յուշարձանի տեղադրումը ընթացքի մէջ գտնուող նախաձեռնութիւն է: Սակայն կարելի չէ մտահան ընել յուշարձանի կառուցման դէմ բարձրացուած այն վայնասունը, որուն հեղինակները` քաղաքական դիրքի վրայ թէ արուեստագէտի պիտակի տակ, նախկին կոմսոմոլականներ են, որոնց համար տակաւին անընդունելի կը մնան Դաշնակցութեան արժէքներն ու հերոսները:

Այսպէս, երեք դէպքեր, որոնք կրնային աւելի պայծառացնել մեր ազգային դիմագիծն ու ինքնութիւնը, ինչպէս եւ` աւելի խորացնել մեր ազգային գաղափարախօսութիւնը: Ցաւալի է, որ այդպէս չեղաւ:

Կայ աւելի ցաւալին: Հայ հանրութեան ցաւերն ու արժանապատուութիւնը շօշափող նման դէմքեր առանցքային արժէք ու իմաստ ունին ազգային առումով: Անոնք կը ձգտին վերականգնել մեր պատմութիւնը, կենսագործել մեր արժանապատուութիւնը եւ լուսաւորել մեր հաւաքական նպատակները:

Հետեւաբար նման դէպքեր քաղաքական սին հաշիւներով իշխանութիւն հարուածելու եւ երկիրը ապակայունացնելու նենգ նպատակներու պատանդ պէտք չէ դառնան:

Սակայն դարձան: Իւրաքանչիւր դէպքի հետ կարգ մը շրջանակներ առնչակից դարձուցին Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Անոնք փորձեցին պարտադրել իրենց սեփական օրակարգը, որպէսզի դէպքերու մէջ մխրճեն Դաշնակցութիւնը, ապա բացատրութիւն պահանջեն եւ ապա մեղադրեն, որ` «ահա՛, կը տեսնէք ձեր աչքերով, որ Դաշնակցութիւնը ոչինչ կ՛ընէ»: Ասիկա, ըստ երեւոյթին, իշխանափոխութեան պայքարի շարունակութիւնն է` հակադաշնակցականութեամբ:

Երեք դէպքերու պարագային ալ Դաշնակցութիւնը ըսած է իր ըսելիքը եւ ըրած է ու կը շարունակէ կատարել իր ընելիքը: Ոչ մէկը կրնայ յանդգնութիւնը ունենալ Դաշնակցութեան դաս տալու պոլշեւիկեան քանդումներուն եւ սպանդներուն մասին: Մանաւանդ հայ կեանքէ ներս ոչ ոք կրնայ Դաշնակցութեան շուքին իսկ հասնիլ, երբ հարցը կը վերաբերի պոլշեւիկի դէմ Դաշնակցութեան մղած եօթանասունամեայ պայքարին:

Սակայն պէտք է ճիշդ ըմբռնել իշխանափոխական այս շրջանակներու մարտավարութիւնը, որ յարձակման ու մեղադրման թիրախի վերածած է Դաշնակցութիւնը: Ասոնք «սորոսեան» թէ այլ շրջանակներէ հարկ եղած աջակցութիւնը ստացող շրջանակներն են:

Անշուշտ խորամանկ են «սորոսեան» ֆինանսաւորումը վայելող այս շրջանակները: Եւ ինչո՞ւ չըլլան: Ո՛չ միայն դրամ եւ գործ, այլեւ խորհուրդ կը ստանան «մասնագէտ» գործակալութիւններէ: Նպատակնին միշտ նոյնն է.- հայրենիքի ապակայունացումով իշխանափոխութիւն:

Սպառած ըլլալով իրենց ժանգոտած փամփուշտները, այս նոյն մարդիկը այժմ սկսած են «մտահոգուիլ» Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «վարկով»: Սակայն իրենց մտահոգութիւնը կը յայտնեն հակադաշնակցականութեամբ:

Թիրախը Դաշնակցութիւնն է: Շատ հասկնալի է այս: Հայրենիքի ու հայրենի ժողովուրդի, Հայկական սփիւռքի ու բովանդակ հայութեան շահերը հաստատակամ ու հետեւողական կերպով պաշտպանելու Դաշնակցութեան վճռականութիւնը դիւր կու գայ ո՛չ Ռուսիոյ, ո՛չ Թուրքիոյ, ո՛չ Ազրպէճանի, եւ ոչ ալ Միացեալ Նահանգներու: Անշուշտ, ո՛չ ալ հայրենի սորոսականներուն:

Ճիշդ այս կէտին, այսինքն` հակադաշնակցականութեան, վրայ կը նոյնանան շահերը ռուսաստանամէտին, ազերիամէտ եւ թրքամէտին, Ամերիկամէտին, Հայաստանի բոլոր տեսակի պոլշեւիկներուն եւ սորոսեան գունաւոր իշխանափոխութեան հետամուտ հայրենի շրջանակներուն:

Մինչ այս տիպարները պիտի շարունակեն մնալ իրենց օտար տէրերու շահերուն ծառայող արեւելումներով, Դաշնակցութիւնը ամուր եւ կանգուն կը մնայ իր ազգային արեւելումով, որուն պաշտպանութեան եւ հոգատարութեան առանցքը միայն ու միայն Հայաստանն ու Արցախն է, բովանդակ հայ ժողովուրդն է իր հայրենական տարածքներով եւ Սփիւռքով:

Լոս Անճելըս,
Սեպտեմբեր 13, 2017

Երբ Համակրանքը Կամ Հակակրանքն Է Դրդապատճառը (Արդիւնքը` Քաոս)

0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Սեպտեմբերի առաջին շաբթուան կարեւոր իրադարձութիւններուն մասին անդրադարձեր էինք մեր նախորդ յօդուածով` ընդգծելով այն տրամաբանութիւնը, որ լուրջ մօտեցումի եւ համապատասխան վերլուծումի կը կարօտին նոյն այդ իրադարձութիւնները: Բաներ, որոնք առհասարակ կը բացակային հայկական մամուլին մէջ:

Այս յօդուածագիրը միշտ առաջնորդուած է այն սկզբունքով, որ երբ կը քննարկենք հայկական իրականութեան, կամ մասնայատուկ կերպով` Հայաստանի առնչուող խնդիրներ, մեզի մղում տուողը պէտք չէ ըլլայ իշխանութիւններուն նկատմամբ մեր ունեցած համակրանքը, կամ հակակրանքը: Որովհետեւ երբ համակրանքի կամ հակակրանքի տեսանկիւնէն մօտենանք խնդիրներուն, չենք կրնար առարկայական դիտարկումներ կամ ախտաճանաչումներ կատարել. հետեւաբար նաեւ լուծումներու մասին խօսիլը կը դառնայ անիմաստ:

Անցնող օրերու ընթացքին ցայտուն օրինակներ պարզուեցան այս իմաստով:

Այսպէս, Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանին կողմէ կազմակերպուած «Խաւարում» ցուցահանդէսի փակման լուրը աղմկայարոյց էր: Ցուցահանդէսին նպատակն էր Հայաստանի մէջ 30-ական տարիներուն ստալինեան ահաւոր բռնաճնշումները հանրութեան ուշադրութեան ներկայացնել: Հազիւ փողոցներու անուանակոչութեան շուրջ ստեղծուած իրարանցումը մեղմացած, յանկարծ` կասեցման լուրը (փողոցներու անուանակոչութեան նիւթին քիչ մը ետք կ’անդրադառնանք):

Տարօրինակօրէն, բազմաթիւ լրատուամիջոցներ, որոնք այս ցուցահանդէսին բացման լուրն իսկ չէին հաղորդած, յանկարծ ախորժակով մէջը ինկան այն պահուն, երբ մշակոյթի նախարարութիւնը որոշեց փակել զայն: Նախարարութեան այս որոշումի տրամաբանութեան… անտրամաբանական բնոյթը ի՛ր կարգին. հոն պիտի գանք հիմա, բայց որոշումը աղմկալից կերպով քննադատող, վերլուծող լրատուամիջոցները եւ լրագրողները նո՞ր գիտցան, որ 30-ական տարիներու ստալինեան բռնամիջոցները որքան ծանր հարուած հասցուցած են մեր երկրին: Եթէ անկեղծ էին իրենց քննադատութիւններուն մէջ, այդ պարագային ինչո՞ւ նոյն վերլուծումները չկատարուեցան նոյն ցուցահանդէսի բացման առիթով. նոյն այդ լրատուամիջոցները կամ լրագրողները ինչո՞ւ չմղեցին հանրութիւնը, որ մարդիկ երթան ու տեսնեն ցուցահանդէսը: Նման ցուցահանդէսներ, հրատարակութիւններ, արխիւային նիւթերու հրապարակումներ եւ համապատասխան լուսաբանական քննարկումները անհրաժեշտ են, որպէսզի ժողովուրդին մէջ բարձրանայ իրազեկման մակարդակը, մարդիկ սկսին աւելի լաւ ճանչնալ մեր մօտիկ անցեալի պատմութիւնը եւ այդ ձեւով ալ` ազգային հաւաքական կամքը աւելիով ամրապնդուի, չէ՞:

Բայց կարծես թէ նոյն այս լրատուամիջոցներուն կամ լրագրողներուն համար կարեւոր չէ հանրութեան իրազեկման մակարդակը բարձրացնելու խնդիրը: Կարեւորը` իշխանութիւնը քննադատելն է իր այս հերթական «կաֆ»-ին համար… (ասոր ալ պիտի անդրադառնանք քիչ ետք):

Պահ մը երեւակայենք. եթէ մամուլը (ընդհանրապէս) այս ցուցահանդէսին բացման առիթով իր ճիշդ դերը խաղար, այսինքն կատարէր ցուցահանդէսին մասին լայն ու անհրաժեշտ քարոզչութիւնը, եւ մարդիկ հարիւրներով, հազարներով բառացիօրէն խուժէին հոն, ո՞վ պիտի համարձակէր հեռաձայնով սպառնալիքներ տեղացնել թանգարանի տնօրէնին, կամ` նախարարութիւնը ինչպէ՞ս պիտի առնէր զայն փակելու քայլը: Պիտի առնէ՞ր արդեօք` ի տես ժողովրդային նման ընդունելութեան մը, որ ցուցահանդէսը պէտք էր վայելած ըլլար: Լրջօրէն կը կասկածիմ:

Կը տեսնէ՞ք, թէ ո՛ւր կը տանի մեզ զուտ զգացական մօտեցումը: Դիւրին է ամէն քայլափոխի անէծքներ տեղացնելը. կարծէք` «անիծելու» քիչ բան կայ… Դիւրին է ամէն քայլափոխի «ծպտուած պոլշեւիկներ» փնտռել-գտնելու պոռչտուքներ կատարելը: Դիւրին է «ռուսական մատը» տեսնելը (Ժամանակին, կը յիշէ՞ք, մարդիկ ամէն բանի ետեւ «անգլիացիներուն մատը» կը տեսնէին…): Մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեանը ցուցահանդէսը փակելու մասին «պատճառաբանեց»` ըսելով, որ` «մի քիչ քաղաքականացուած էր». դիւրին է, շա՛տ դիւրին` նման անտրամաբանական պատրուակ մը ջարդել-քանդելը. պատրուակ մը, որ ոչ միայն լուրջ քննութեան չի դիմանար, այլեւ ծիծաղելի է: Ներելի չէ, ճիշդ չէ, անըմբռնելի է նախարարութեան կողմէ առաջ մղուած այս կեղծ հիմնաւորումը: Տիկնա՛յք եւ պարոնա՛յք, կարելի՛ չէ կասեցնել նման ցուցահանդէս մը, մանաւանդ` «ձեւաչափի», կամ «քաղաքականացած» ըլլալու պատրուակներով, որոնք շինծու ըլլալու բոլոր յատկանիշները ունին:

Միւս կողմէ, եթէ պիտի խօսինք «դիւրին ֊ դժուար»-ի տրամաբանութեամբ, խնդրեմ, ըսէք, շա՞տ դժուար էր նման ցուցահանդէսի մը մասին դրական ու անհրաժեշտ քարոզչութիւնը կատարելը: Բնականաբար ոչ, սակայն շատ աւելի «ախորժելի» էր նախարարութիւնը փնովելը:

Լրջօրէն կը տարուինք մտածելու, որ բարձրացած աղմուկին իսկական դրդապատճառը «սորոսանման» թելադրանքներ գործադրելուն մէջ կը կայանայ, ու ոչ թէ` դրական շեշտադրումներով դրական գործ մը, ճի՛շդ գործ մը տեսնելը:

Թող ներեն մեզի այս աղմուկին մասնակից բոլոր լրագրողները (կամ… «լրագրողները»), որ լրջօրէն կասկածինք իրենց անկեղծութեան, նոյնիսկ եթէ ինչ ֊ ինչ «մրցանակներ» ալ տրուած ըլլան իրենց: Կրնայինք չկասկածիլ ա՛յն պարագային, երբ նոյն այս ցուցահանդէսին մասին օգոստոսի 4-ին, կամ 5-ին արտայայտած ըլլային այն, ինչ որ հիմա կ’արտայայտուին. Գր. Զօհրապի բառերով` «կոտրելէն ետք»: Մէկ խօսքով, եթէ ամիսուկէս առաջ ըսած ըլլային իրենց այսօրուան ըսածը, այդ պարագային բարոյական իրաւունքն ալ շահած կ’ըլլային իրենց այսօրուան քննադատութիւններուն մէջ: Դուք ալ, տիկնա՛յք եւ պարոնա՛յք, նոյնքան անտրամաբանական, կեղծ ու սուտ էք ձեր դատումներուն մէջ, որքան` այդ նոյն նախարարութիւնը, որուն դէմ սուր կը ճօճէք:

Հիմա գանք հեռատեսիլի «Կեդրոն» կայանին: Նոյն այս օրերուն, նշեալ կայանը, իբրեւ հրատապ հարց, փոխանակ սեպտեմբերի առաջին շաբթուան գլխապտոյտ պատճառող կարեւոր իրադարձութիւնները լուսարձակի տակ առնելու, փոխանակ կեդրոնանալու այն հարցին, թէ ինչպէ՛ս դիմագրաւել ազրպէյճանական ոտնձգութիւնները, փոխանակ հայկական զինատեսակներու ցուցահանդէսով թշնամիին պատգամ մը յղելու գաղափարը ամրապնդելու (օրինակի համար), որոշած էր արծարծել… փողոցներու անուանափոխութեան հարցը` հրաւիրելով մէկ հոգի` պատմաբան դոկտ. Վլատիմիր Պետրոսեանը: Նշեալ պատմաբանին հետ կատարուած 43 վայրկեաննոց (րոպէ) հարցազրոյցին թերեւս 35 վայրկեանը յատկացուած էր Անաստաս Միկոյեանի դրուատիքին, թէ որքա՛ն օգտակար եղած է հայութեան ու Հայաստանին… անշուշտ մէջ ընդ մէջ համեմուած ՀՅ Դաշնակցութեան հասցէին «պատմաբանական» մեղադրանքներով, որոնք ամբողջութեամբ զուրկ էին պատմաբանական որեւէ պարունակէ, ինչ որ պարտադիր է գիտական մեթոտաբանութեան մէջ:

Այս յօդուածագրին համար, սակայն, բուն հարցը ոչ թէ Վլ. Պետրոսեանի ելոյթն է ըստ էութեան, այլ` «Կեդրոն»-ի այն մօտեցումը, ուր նման հարցերու քննարկումի համար կը հրաւիրուի միայն մէկ հոգի` առանց ընդդիմախօսի: Այսինքն` առանց առողջ բանավէճի: Լրագրողը «փոխանցում»-ներ կը կատարէր, իսկ հիւրն ալ կոլ կ’ընէր… Այս յօդուածագրին բառարանին մէջ, այս ոճը չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ բանի կ’առնչուի, սակայն գիտեմ, որ լրագրութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի:

Եւ այսպէս, մէկ կողմէ լռիկ-մնջիկ սկսած ցուցահանդէսը, ապա` ատոր անընդունելի փակումը, փակուելուն դէմ աղմուկը` նոյն այդ սուսուփուս մնացած խաւին կողմէ, Հայաստանի ու հայութեան համար կենսական նախաձեռնութիւններու մասին քննարկումի բացակայութիւնը, առանց ընդդիմախօսի այսպիսի «քննարկում»-ը եւ, վերջապէս, զուտ համակրանքէ կամ հակակրանքէ թելադրուած վերաբերումները էապէս աւեր կը գործեն մեր ժողովուրդին մէջ:

Իսկ եթէ այս բոլորին վրայ աւելցնենք նաեւ այն փաստը, որ սորոսները իրենց քունը չեն փախցուցած Հայաստանի հզօրացման, կամ հայութեան բարգաւաճման հեռանկարով, պատկերը կը դառնայ ամբողջական: Բարեբախտաբար, այս յօդուածագրին համոզումով, մեր ժողովուրդը, իր անշեղ բնազդով, շատ լաւ գիտէ որոմն ու ցորենը իրարմէ զատորոշել, եւ եթէ պէտք է` զատել ու զտել:

Ճիշդ ա՛յս է, որ որեւէ կասկածէ վեր է:

14 սեպտեմբեր 2017
Լոս Անճելըս


Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Իրաքի Մասնատման Մէջ` Իսրայէլի Նկատառումները

0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Միջին Արեւելքի մէջ, յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքին ձեւաւորուած եւ գործող ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկչական խմբաւորումները տարիներէ ի վեր Իսրայէլի ու անոր կողմնակիցներու հովանաւորութեամբ արիւն ու աւեր սփռեցին տարածաշրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ պատճառ դարձան, որ հազարաւոր բնակիչներ գաղթի ճամբան բռնեն: Միւս կողմէ` իսրայէլեան զինուորական օդանաւեր ամէն առիթի կը փորձեն սուրիական հողատարածքի ապահովութիւնը խախտել:

Սիոնիստական Իսրայէլ բնականաբար կը փորձէ Միջին Արեւելքի քարտէսը հաւանական փոփոխութեան ենթարկել, եւ զուգահեռաբար բնակչութեան մէջ համայնքային, ցեղախմբային, ազգային եւ այլ ձեւի միջոցներով թշնամութիւն սերմանել:

Տարիներու այս ռազմավարութիւնը ինքնաբերաբար թաքնուած նպատակ կը հետապնդէր, ունէր շատ հեռու գացող նկատառումներ: Իսրայէլ այս բոլորին կը ձգտէր, որպէսզի իրեն թշնամի համարուող երկիրներու կողքին, կարգ մը հողատարածքներու վրայ գոյութիւն ունենայ եւ ռազմա-տնտեսա-քաղաքականութեան գերակայութիւնը պարտադրէ:

Վերոնշեալ մեկնակետէն ելլելով է, որ Իսրայէլ քուլիսներու ետին քաղաքական լուրջ աշխատանք կը մղէ ընթացիկ տարուան սեպտեմբեր 25-ին նախատեսուած Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ տեղի ունենալիք անկախութեան հանրաքուէին առնչութեամբ:

Քաջ ծանօթ ենք, որ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ արդէն սկսած է անկախութեան հարցով հանրաքուէի քարոզարշաւը: Հանրաքուէէն ետք, 6 նոյեմբերին կը նախատեսուի խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարել: Քրտական աղբիւրներէ կը տեղեկանանք նաեւ, որ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ ընտրելու իրաւունք ունի 5,5  միլիոն քուէարկող, մարզին տարածքին պիտի գործեն շուրջ 46.000 տեղամասեր:

Այս բոլորը երբ ընթացք առած են արդէն, անդին չի  պահուիր, որ վերոնշեալ պատճառով մարզին մէջ բաւական լուրջ տարակարծութիւններ յառաջացած են քաղաքական կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու միջեւ: Հանրաքուէն իրականացնելու գաղափարը պնդելը միայն Պարզանիի կուսակցութեան դիրքերը ամրապնդելու համար է: Տակաւին, չենք յայտներ, որ քրտական ինքնավար մարզին անկախութեան շուրջ հանրաքուէն, ըստ Իրաքի սահմանադրութեան, հակաօրինական է:

Արդարեւ, երբ իրաքեան քրտական մարզը կը նախապատրաստուի ինքնավար կարգավիճակէն անկախ պետութեան անցումը, ընդհանրապէս որեւէ զօրակցական բացայայտ եւ պաշտօնական կեցուածք չ՛երեւիր որեւէ պետութեան կողմէ: Բացառութիւն կը կազմէ Իսրայէլը, ուր բաւական ոգեւորուած են քրտական մարզի անկախացման գաղափարով` դիտարկելով այն իբրեւ բաւական կարեւոր իսլամական ուժ, որուն հետ համագործակցութիւնը կը ծառայէ Իսրայէլի շահերուն:

Իսրայէլ ի՞նչ շահ կը հետապնդէ Իրաքի
քրտաբնակ շրջաններու անկախութենէն

Իսրայէլի համար Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի անկախութիւնը տարբեր ուղղութիւններով կարեւոր ռազմաքաղաքական նշանակութիւն ունի: Այսպէս`

– Իսրայէլ խիստ կարեւոր կը նկատէ շրջանին մէջ դաշնակիցի մը գոյութիւնը, եւ անհրաժեշտ է, որ այդ դաշնակիցը ըլլայ սահմանակից իր թշնամիին`  Իրանին: Վերջին հաշուով, Իսրայէլ կ’ուզէ  շրջապատել Իրանը իր դաշնակիցներով:

Իսրայէլեան բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ ամէն առիթի կը յայտարարեն, որ Իսրայէլ իրաքեան քրտաբնակ շրջաններու անկախութեան կողքին է:

– Իսրայէլի ախորժակները շատ աւելի հեռու կ’երթան, քանի որ երբ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզը իր անկախութիւնը հռչակէ, հետագային հաւանական է, որ Իսրայէլ Էրպիլի հետ զինուորական դաշինքներ կնքէ, մանաւանդ երբ արդէն իրաքեան քրտաբնակ շրջաններուն մէջ կը գործեն ամերիկեան ռազմական խարիսխներ:

– Իրաք աշխարհի քարիւղի հինգերորդ պահեստը ունի, ներկայ դրութեամբ եւ ամերիկեան ուղղակի եւ ռուսական անուղղակի օժանդակութեամբ, այդ հանքերը գրեթէ քրտաբնակ եւ քրտական քաղաքային ուժերու տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ կը գտնուին: Հետեւաբար քարիւղի հանքերով հարուստ քրտաբնակ շրջանները Իսրայէլի տնտեսութեան վերելքին համար մեծ նպաստ պիտի բերեն:

Քրտական Խաղաքարտը

Ա.- Նկատի պէտք է առնել, որ 1920-ի օգոստոսի 10-ին ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրը տրամադրութիւն ցոյց կու տար ապագայ Քիւրտիստանի մը ստեղծման: Անշուշտ անոր վրայ անմիջապէս աւելցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռը:

Բնականաբար այսօր շատ յստակ կը դառնայ, թէ ի՛նչ կը պատրաստուէր այդ տարիներուն:

Սակայն մօտիկ անցեալին` 1948-ին Միջին Արեւելքի  պատմաքաղաքական հոլովոյթին հետեւողը պիտի կարենայ հասկնալ, որ տարածաշրջանի արդէն իսկ անկայուն կացութեան մէջ նոր ազդակ աւելցած էր, երբ Բրիտանիոյ Պալֆուրի խոստումին պատճառով  1948-ին Պաղեստինի բռնագրաւումով պիտի ստեղծուէր Իսրայէլը` իբրեւ շարունակութիւն «Սայքս-Փիքօ» համաձայնագրով Օսմանեան կայսրութեան տարանջատման: Սոյն քայլով օրին Արեւմուտքը աւելի եւս կ’ամրապնդէր իր հակակշիռը շրջանին մէջ:

Բ.- Այսօր ապագայ Քիւրտիստանի մը  կորիզը հանդիսացող ներկայի իրաքեան քրտական մարզը հիմնական քաղաքական ու ռազմական դժուարութիւններ կրնայ յառաջացնել տարածաշրջանի երկիրներուն համար:

Այս իմաստով է, որ Իսրայէլ, նախատեսելով Թուրքիոյ իսլամական նոր վարչակարգին բերումով բարեկամական-ռազմավարական կապերու կորուստը, խորամանկօրէն իր գրաւը դրաւ զարգացման նոր փուլ մտնող քրտական հարցին վրայ: Հետեւաբար ան իր բոլոր կարելիութիւնները գործի լծեց Իրաքի հիւսիսը կազմաւորուող կիսանկախ քրտական մարզի զարգացման ու ամրապնդման համար: Բնականաբար յառաջանալիք Քիւրտիստան մը պատճառ պիտի դառնայ Թուրքիոյ տարանջատման: Առ այդ, Սեւրի յիշատակումը այս օրերուն ամէնէն առաջ էրտողանական Թուրքիոյ մասնատման սպառնալիքն է, այդ պատճառով այս ուղերձները շատ շուտ ընկալած են Թուրքիոյ իշխանութիւնները,  երբ ամէն առիթի կը խօսին Թուրքիոյ մասնատումը նպատակադրած ուժերու  քաղաքականութեան վտանգներուն  մասին:

Հետեւաբար Իսրայէլ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի անկախութիւնը կ’ուզէ աւելի շահագործել եւ իբրեւ օրինակ ծառայել տալ շրջակայ երկիրներու տարածքին գտնուող մեծաթիւ քիւրտերուն: Ան քիւրտերու հողատարածք տալու գաղափարը ընդարձակելով` նպատակ կը հետապնդէ նախ արաբական երկու երկիրներու` Իրաքի եւ Սուրիոյ, հետագային Իրանի եւ վերջապէս Թուրքիոյ մէջ քրտական ինքնավար մարզերու գոյացումի հեռանկարով հոն իր ներկայութիւնը ամրագրել: Անշուշտ տակաւին չենք խօսիր վերը նշուած երկիրներու մասնատման մասին:

Այս հանգամանքը կարեւոր է, որովհետեւ տարածք առ տարածք, քիւրտերը, վայելելով միջազգային հովանաւորութիւն, փորձ կը կատարեն քարտէսագրելու ամբողջական Քիւրտիստանը: Քրտական գործօնը այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, վերածուած է աշխարհաքաղաքական գործօնի եւ տարածաշրջանին մէջ կը շարունակէ օգտագործուիլ իբրեւ խաղաթուղթ` այս կամ այն մեծ տէրութեան քաղաքականութեան կիրարկման ընթացքին:

Քրտական խաղաքարտի մասին կարելի է աւելի երկար խօսիլ եւ հիմնաւորումներ կատարել, սակայն այստեղ կը բաւարարուինք այսքանով:

Վերջապէս, Իրաքի հիւսիսային շրջանը կը գտնուի աշխարհաքաղաքական առանցքային խաչմերուկի վրայ, եւ շարունակ փաստուած է անոր ռազմավարական կարեւորութիւնը թէ՛ ռազմական, թէ՛ տնտեսապէս: Վերոնշեալ տրուած կարծիքներու համադրումին հիման վրայ է, որ Իսրայէլ կը ձգտի Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան եւ քաղաքական միասնութիւնը մասնատել:

Եզրափակում

Իսրայէլ Կովկասի հարաւը եւ Իրաքի հիւսիսը կը նկատէ կենսական թատերաբեմ եւ կ’ուզէ օգտագործել բազմաթիւ գործիքներ, որոնք կ’ընդգրկեն` ռազմական յարձակում, տնտեսական ճնշում եւ ցեղային լարուածութեան հրահրում` իր ազդեցութիւնը ամրապնդելու եւ վերահսկելու: Այս քաղաքականութիւնը կը հակադրուի Իրանի, Ռուսիոյ, Իրաքի, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ շահերուն:

Միջին Արեւելքը գերլարուած վիճակի մէջ պահելու միտող Իսրայէլը այդ խաղը խաղացած է ու կը խաղայ` ապաւինելով, այսպէս կոչուած սիւննի-շիի ու քրտական խաղաքարտերուն:  Ան իր անմիջական հակակշիռին  ներքեւ եղող նոր դաշնակիցի մը ստեղծումն էր ու մանաւանդ, անոր միջոցով, ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող խաղաքարտերու տիրանալը:

 

«Աշխարհը Առանց Ցեղասպանութեան» Կազմակերպութիւնը Մրցանակ Շնորհեց Թաներ Աքչամին

0
0

«Աշխարհը առանց ցեղասպանութեան» կազմակերպութեան կողմէ թուրք պատմաբան,  Մասաչուսեցի «Քլարք» համալսարանի պատմութեան դասախօս Թաներ Աքչամին մրցանակ շնորհուեցաւ:

Ըստ «Ակօս» օրաթերթին, կազմակերպութեան նպատակներէն է` «Պաշտպանել անմեղ մարդիկ, կանխել այլատեացութեան եւ նախապաշարումի հիման վրայ իրականացուող ցեղասպանութիւնները, աշխատանքներ տանիլ, որպէսզի յանցանք գործած մարդիկ պատասխանատուութեան ենթարկուին դատական կարգով, ինչպէս նաեւ` յիշատակել անոնք, որոնց կեանքն ու մշակոյթը ոչնչացուած է»:

Կազմակերպութեան ղեկավար Էլէն Քենետի Աքչամին շնորհուած մրցանակին առիթով յղած է նամակ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Մենք երկար ատեն է, որ կը հիանանք ձեր խիզախ աշխատանքով, որուն նպատակն է փաստել Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած վայրագութիւնները: Հակառակ թուրք ծայրայեղականներուն կողմէ եղած մահուան սպառնալիքներուն` դուք Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ձեր խօսքին մէջ ցուցաբերած էք հետեւողական յամառութիւն»:

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Համահայկական Խոհեր Եւ Մտորումներ

0
0

Սեպտեմբեր 2014-ին գումարուած Հայաստան-Սփիւռք հինգերորդ համաժողովին Հայաստանի նախագահը փակման իր խօսքին մէջ առաջարկած էր գործօն պահել Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովը եւ վերանուանել «Համահայկական խորհուրդ», որ այդպիսով պիտի դառնայ մնայուն հարթակ` համահայկական հրատապ խնդիրներու քննարկման:

Հետեւաբար, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի յաջորդող նիստին, այս ժողովականները, վերլուծելէ եւ քննելէ ետք հարիւրամեակի ձեռնարկները, քայլ մը աւելի առջեւ երթալով որոշեցին այս յատուկ ծրագիրին համար պատրաստուած յանձնախումբը վերածել մնայուն Համահայկական խորհուրդի:

Այս մտայղացումը հաւանաբար արագ ակնարկով եւ պատշաճ գործադրումով տրամաբանական եւ շինիչ որոշում մը նկատուի, յատկապէս կազմ ու պատրաստ պահելով ենթակառոյցները, որոնք որոշ փորձառութիւն ձեռք ձգած են եւ երկար վազքի վրայ, յառաջիկայ տարիներուն կրնան կատարել նմանօրինակ ձեռնարկներ:

Հոս տեղին է նշել, թէ միեւնոյն ժամանակ կայ մետալին միւս երեսը, որ լրջօրէն կը մտահոգէ յատկապէս սփիւռքահայ հայորդին:

Հակառակ ապրելակերպի եւ գործելաձեւի արդիականացման, նմանօրինակ համահայկական խորհուրդ պիտի ունենայ կեդրոնացեալ բնոյթ եւ ազդեցութիւն, որոնք իրենց ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենան աշխարհատարած գաղութներուն վրայ:

Ի վերջոյ, ցայսօր եւ ապագային ալ դասական կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու հետեւողական ճիգերով ու ջանքերով է, որ սփիւռքահայը իր Հայ դատի, հայապահպանման եւ հայակերտման աշխատանքը կը տանի, միշտ ալ գերադասելով հիմնարկը, կազմակերպութիւնն ու կուսակցութիւնը` անձէն, անձնականէն, «ես»-էն ու «եսական»-էն, պարզ ու մեկին` ազգային եւ «ժողովրդային» շահերը գերադասելով անձնասիրութենէն եւ եսասիրութենէն:

Այդպէս է, որ կը դառնայ սփիւռքահայուն անիւը:

Կարելի չէ փոխել եւ պիտի՛ չփոխուի:

Նաեւ, տեղին է հաստատելը, որ բազմիցս «սփիւռքահայ» բառը նշելով, ո՛չ մէկ կրաւորական բաժանում կամ մութ հաշիւներու սադրանքով ճեղք ստեղծելու փորձեր կը կատարուին, այլ ընդհակառակը իրապաշտօրէն գաղութներու մէջ տիրող իրապաշտ իրավիճակն է, որ կը ներկայացուի: Իրավիճակ մը, որուն մօտէն թէ հեռուէն քաջատեղեակ են թէ՛ հայորդին եւ թէ՛ սփիւռքահայը…մայրաքաղաք Երեւանէն մինչեւ Ովկիանիոյ բացերը:

Սոյն գաղափարին միտք բանին յստակ է, բայց միեւնոյն ժամանակ դժուար է նման մարմնի մը անդամակցութեան ճիշդ ձեւը բնորոշելը: Մարմին մը, ուր սփիւռքեան իւրաքանչիւր կազմակերպութեան պիտի ապահովուի իսկական կշիռին համապատասխանող ներկայութիւն:

Դեռ քայլ մը աւելի ներս թափանցելով, այս մարմնին համահայկական տարաբնոյթ կազմակերպութիւններ համախմբելու ազնիւ ու ջինջ պատկերը կը մատուցուի, բայց ըստ էութեան այն կրնա՛յ եւ պիտի՛ վերածուի քաղաքական դերակատարի, որուն մէջ ցաւօք սրտի…տեղ պիտի գրաւեն քաղաքականութեան հետ առնչութիւն չունեցող միաւորներ ու անփորձ անհատներ, որոնք իրենց եսակեդրոն ներկայութեամբ պիտի դժուարացնեն հայութիւնը յուզող քաղաքական որոշումներ ձեւաւորելու ամէն ճիգ եւ գործընթաց:

Հոս է, որ նմանօրինակ կացութիւն մը կրնայ դուռ բանալ մտահոգիչ երեւոյթներու:

Եւ այսպէս օտար եւ մութ ձեռքեր անոնց առիթ կրնան ստեղծել, գործակցելով այդ «ես»-ը կազմակերպութենէն ու կուսակցութենէն աւելի բարձր գերադասող անձնաւորութիւններու հետ: Անոնք նման խակ եւ անխոհեմ գործունէութեամբ կրնան վտանգել Հայ դատն ու անոր գործունէութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան «Յիշում եմ… եւ պահանջում»-ը, ճանաչումն ու հատուցումը:

«Ապարաժ»-ի Խմբագրական. Հայ Ժողովրդի Պատիւը Բարձր Պահելու Առաքելութիւն

0
0

Սեպտեմբերի 18-20 Երեւանում կայանալու է Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համագումարը: Բնականաբար, ինչպէս նախորդ համագումարներում, այս համաժողովի ընթացքում եւս քննարկուելու են բազմաթիւ կարեւոր հարցեր, յատկապէս` կապուած այն ակնկալիքների հետ, որոնք ունեն Հայաստանի իշխանութիւնները սփիւռքեան կառոյցներից եւ համայնքների ներկայացուցիչներից: Այս ամէնի կողքին, բնականաբար, քարոզչական նիւթ են դառնալու Հայաստանի գրանցած առաջընթացը եւ յաջողութիւնները, այլ խօսքով` արածն ու չարածը: Այս ծաւալի սփիւռքեան ներկայացուցիչների համախմբումը հանդիսանում է այն բեմահարթակը, որտեղ պէտք է ստեղծել այն առիթն ու հնարաւորութիւնը, որը կամրապնդի սփիւռքի եւ Հայաստանի կապերը:

Նման համաժողովներում, ինչպէս միշտ, կարեւորւում է նաեւ Արցախի դերի ու անելիքների հարցը: Հարց, որ շեշտւում է եռամիասնութեան գաղափարի շրջանակում: Այն ժամանակ առ ժամանակ արծարծւում է եւ քննարկման առարկայ դառնում յատկապէս սփիւռքեան կառոյցների ու անհատների հետ արցախեան իշխանութիւնների հանդիպումների ժամանակ:

Արցախը գաղափարական առումով առանցքային նշանակութիւն ունի հայկական աշխարհում ժամանակակից ազգային գիտակցութեան կերտման եւ ուղղորդման գործում: Այս դերը եւ նշանակութիւնը նախ եւ առաջ պարտաւորեցնող` է, պարտաւորեցնող երկուստեք: Իսկ այդ պարտականութեան գիտակցուած ստանձնումը զարգացման եւ յաջողութեան կարեւորագոյն երաշխիքն է:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը, լինելով աշխարհասփիւռ կազմակերպութիւն եւ աւելի քան 35 երկրների հայկական համայնքներում, ինչպէս նաեւ Հայաստանում եւ Արցախում առանցքային նշանակութիւն ունեցող կուսակցութիւն, միշտ գիտակցել է այդ կարեւորագոյն պարտականութիւնը: Այսօր, քաղաքական առումով, Արցախը աշխարհին ներկայացնող կարեւորագոյն աշխատանք են ծաւալում ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակները: Սեպտեմբերի 4-ին ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեամբ տեղի է ունեցել խորհրդաժողով` նուիրուած արցախեան հիմնահարցի կարեւորագոյն խնդիրներին: Իսկ վերջերս Արցախում ականատեսը եղանք ՀՅ Դաշնակցութեան քոյր միութեան` ՀՕՄ-ի անդամների այցելութեանը, որն իմաստաւորուեց «Սօսէ» մանկապարտէզի նորակառոյց շէնքի բացման միջոցառմամբ: Եւ այս բոլորը սառցալերան միայն երեւացող կողմն է, միայն մի բաժինն է այն ահռելի աշխատանքի, որ տարւում է Արցախի հիմնահարցի ուղղութեամբ` թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական առումով:

Ինչպէս ասւում է` մետալն ունի նաեւ հակառակ երեսը: Որպէս արցախեան կողմ, ի դէմս Արցախի ժողովրդի, պետական համակարգի ու յատկապէս իշխանութիւնների` ոչ պակաս պարտաւորութիւն պէտք է ստանձնենք ոչ միայն Արցախի հանդէպ տածուած վստահութիւնն ու հեղինակութիւնը երաշխաւորելու, այլ նաեւ` գաղափարական առաջնորդութեան դափնին պահպանելու գործում:

Արցախի նախագահը եւս իր երդմնակալութեան արարողութեան ընթացքում անդրադարձաւ այս հարցին` շեշտելով. «Մենք այս երկար տարիների ընթացքում իրականացրել եւ իրականացնում ենք առաքելութիւն` ուղղուած հայ ժողովրդի պատիւը բարձր պահելուն: Ապագայում նոյնպէս մենք անելու ենք ամէն ինչ հայ ժողովրդի պատիւն եւ արժանապատուութիւնը բարձր պահելու համարէ:

15 սեպտեմբեր  2017

 

Մտորումներ Ապրիլեան Պատերազմի Շուրջ

0
0

ԱՐԱՄ ՓՈԼԱՏԵԱՆ

Այս ընթացքում կատարուեց սելեկցիա ընտրում. մնացին նրանք, ովքեր իրօք հասկանում են, որ չի կարելի յանձնել ոչ մի կտոր հող: Սա Հայաստան է: Ինչ ասեն, կեդրոնական կամ ոչ կեդրոնական կամ միջազգային, ազգային գործիչները, սա Հայաստան է եւ վե՛րջ: Ոչ ոք չի կարող ասել, որ սա Հայաստան չէ, ոչ ոք իրաւունք չունի սա վաճառքի դնել, փոխանակման դնել, յանձման դնել…

Վերոնշեալ խօսքերը պատկանում են անկախութեան բանակի հրամանատար, արցախեան ազատամարտի հերոս Լէոնիդ Ազգալդեանին: Այս արտայայտութիւններն արտաբերելիս` նա կանգնած էր հայի սուրբ բնօրրանի` Արցախ աշխարհի կարմիր բարձունքներից մէկին, այս բառերն ասելիս` նա փորձում էր փոխանցել այն միտքը, թէ ինչո՛ւ կռուել, ինչո՞ւ մարտնչել եւ, վերջապէս, յարգելինե՛րս, ինչո՞ւ ապրել` կրելով այս մեծ ու լայնաղեղ ցաւը մեր սրտերում:  Աւելի ուշադիր կարդալու դէպքում կ՛ընկալենք ու կ՛ըմբռնենք ողջ էութիւնը, կը հասկանանք մի պարզ իրողութիւն. եթէ Լէոնիդ Ազգալդեանն ու սրբատեղի համարուող Եռաբլրում ննջող քաջարի հայորդիները չմարտնչէին ու չապրէին սեփական հողի ազատագրման եւ արդէն իսկ անուրջ դարձած անկախութեան համար, ապա հիմա չէինք ապրի մենք, քանզի դատապարտուած կը լինէինք ոչնչացման:

Գարեգին Նժդեհն ասում է. «Սեփական ուժերով ինքնապաշտպանուելու անընդունակ ժողովուրդները պատժւում են մահուամբ…» Հասարակութեան ամենաստոր խաւը անհայրենասէրներն են: Հարիւրամեակներ շարունակ լիակատար ու երկարատեւ անկախութիւն չտեսած մեր ազգի նուիրեալ զաւակները, ովքեր ապրում էին արտերկրում, Հայաստանում կարողացան կերտել մերօրեայ` 41 հազար եւ կէս քառակուսի քիլոմեթր տարածք ունեցող երկիրը: Գոյապայքարի ընթացում անչափ մեծ աջակցութիւն ցուցաբերուեց սփիւռքահայութեան եւ կամաւորների կողմից, ովքեր զօրուգիշեր ջանադիր աշխատում էին ի վերուստ տրուած հայրենիքի փրկութեան համար: Իսկ եթէ յանկարծ զարմանալի թուաց թիւը, որը քիչ առաջ կարդացիք, ապա ասեմ. Հայաստանի եւ Արցախի տարածքների գումարը հէնց դա է: Կարծում եմ` ոչ ոք մեզանից ուղղակիօրէն իրաւունք չունի տարանջատելու դրանք:

Աւելի քան 25 տարի առաջ էր եւ ինչո՞ւ է այդքան սերտ կապը մեր օրերի հետ, չէ, որ այդ ամէնն արդէն անցեալում է, եւ մենք կարող ենք շրջել Արցախում, հիանալ լեռներով, վանքերով եւ տարաբնոյթ այլ տեսարժան վայրերով, ինչն, ի դէպ, ինքս արեցի օրեր առաջ: Այո՛, դա անհերքելի փաստ է. Արցախը, ինչպէս եղել է հազարամեակներ շարունակ, այնպէս էլ հիմա Հայաստանի անբաժան մաս է, սակայն ի՞նչ է իրապէս կատարւում Արցախում, ի՞նչ իրադարձութիւններ, դէպքեր են տեղ գտնում Հայաստանի այս հատուածում ապրող եւ արարող մարդկանց կեանքում: 1994 թուականի մայիսի 5-ին Խըրխըզիստանի մայրաքաղաք Պիշքեքում, երեք` Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի պատուիրակութիւնների կողմից ստորագրուեց հրադադարի մասին համաձայնագիր, որն ուժի մէջ է ցայսօր: Թէեւ գոյապայքարի սկզբին երբեմնի մեծազօր Մեծ Հայքի Ատրպատական եւ Փայտակարան նահանգների տարածքում գտնուող Ազրպէյճանական Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ապուլֆազ Էլչիպէյն անչափ վստահ ի լուր աշխարհի աւետեց, որ շուտով նա իր նախարարների եւ զինուորների հետ թէյ է համտեսելու Սեւանի ափին, այնուամենայնիւ Հայաստանն հպարտօրէն յաղթանակած ուղեւորուեց միջինասիական նորանկախ հանրապետութեան քաղաքամայր, իսկ ահա Ազրպէյճանն ստիպուած էր ընդունել լիակատար ջախջախիչ պարտութիւնն ու ուղեւորուել այնտեղ, որտեղ եւ ժամանակին սերել են նրանց նախնիները եւ մի շարք ռազմական, քաղաքական միջազգային գործիչների շրջապատում գրիչն առնել ձեռքը:

Ցանկացած ողջամիտ մարդ, ով երբեւէ չի առնչուել սոյն թեմային, կարդալով վերոյիշեալ տողերն` առանց որեւէ կասկածի պիտի մտածէր, թէ հիմա մեր տարածաշրջանում խաղաղութիւն է եւ Արցախն այլեւս պատերազմական երկիր չէ, թէ հայրենի լեռնային դրախտն անվտանգ է լիովին: Սակայն թուրք ցեղն իր ստոր ու անբարոյ հեղինակութիւնից չի հրաժարուի երբեք, բաւական է վերյիշել սոսկ անցած մէկ դարի արարքներն, ու մենք դրանում կը համոզուենք կատարելապէս:

Ընդամէնը մէկ տարի առաջ բարբարոս քոչուորները կրկին փորձեցին ապօրինի, արագընթաց եւ, ինչն է ամէնից կարեւոր, անակնկալ յարձակման միջոցով զաւթել տարածքներ: 2016 թուականի ապրիլի մէկից երկուսի գիշերը ազրպէյճանական զինուած ուժերը լայնածաւալ յարձակում իրականացրին սահմանային գծի ողջ երկայնքով: Լուրը սարսռազդու էր ողջ հայութեան համար:

Մէկ ակնթարթ` եւ մեր ազգն արթնացաւ, ամբողջ հայ ժողովուրդը կրկին համախմբուեց մէկ գաղափարի շուրջ, այն է` հայրենիք եւ պետականութիւն: Անկարող եմ փոխանցել այն բոլոր զգացումները, որոնք առաջանում էին կամաւորական տարատեսակ աշխատանքներ կատարելիս, կարող եմ վստահաբար ասել, որ իւրաքանչիւր արկղը տեղափոխելիս կամ գիշերը տուն վերադառնալիս` բոլորս խորհում էինք աւելին, շա՛տ աւելին անելու մասին: Եթէ գնալ Արցախ կամ արիւն յանձնել զինուորների համար թոյլ չտուեցին, երեւանեան կամաւորները դիմեցին այլ միջոցների, թէպէտ դրանք միանշանակ աւելի օգտաբեր եղան: Չորս օր անց կրկին լսեցինք այդ անիծեալ, «հրադադար» բառը:

Մենք ապրեցինք նրանց շնորհիւ, ովքեր անմահացան: Պիշքեքեան պատմութիւնը կրկնուեց, բայց արդէն` Վիեննայում: Եթէ չլինէր միասնութիւնը, եթէ չլինէր սփիւռքում ապրող մեր հայրենակիցների անծայր օժանդակութիւնը, այո՛, մենք կը շրջէինք այդ թերթը: Ի պատիւ համայն հայութեան, յաղթելով աշխարհի գերտէրութիւնների բոլոր ղեկավարներին, եւս մէկ անգամ հայն ի զօրու եղաւ ապացուցել, որ այդ էջերն անվերջ են:

Յարգելինե՛րս, ժամանակն է քաղելու դասեր: Եթէ բոլորս լոկ մէկ օր ապրենք մեր հայրենիքի համար, հաւատացած եղե՛ք, կ՛ունենանք մեծ ձեռքբերումներ: Գիտեմ եւ համոզուած եմ մէկ բանում, որ յամենայն դէպս իմ սերունդը կերտելու է ամենահզօր եւ երեւելի Հայաստան, թող ոչ ոք գէթ մէկ վայրկեան չկասկածի: Եւ այո՛, ես ապրում եմ իմ հայրենիքի համար, ես հպարտ եմ դրանով…

Երեւան

 

Բաց Նամակ` Լիբանանի Հայոց Ազգային Առաջնորդարանի «Ճրագ»-ի Խմբագրութեան

0
0

ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Տասն տարիներէ ի վեր Լիբանանի հայոց Ազգային առաջնորդարանը գնահատելի նախաձեռնութիւնը առած է շաբաթական չորս էջանի թերթ մը հրատարակելու` «Ճրագ» անունով, որ ամէն կիրակի ժողովուրդին կը բաժնուի եկեղեցիներու բանկալին եւ Դիմատետրի վրայ, նշանաբան ունենալով` «Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է, ու իմ շաւիղներուս` լոյս» խիստ ողջունելի խոստումը, որուն յարգումին անհամբերացած կը սպասեն հաւատացեալները:

Լարուած հետաքրքրութեամբ ուզեցինք առաջնորդուիլ այս «Ճրագ»-ով, եւ մեր ձեռքը անցաւ թերթի համարներէն` Ժ. տարի, թիւ 21, 21 մայիս 2017 թուակիրը, որուն վերնագիրն է «Կիրակնօրեայ աստուածաշնչական ընթերցումներ», եւ ծայրէ ի ծայր կարդացինք բոլոր չորս էջերը, եւ` անխառն չեղաւ մեր գոհունակութիւնը, քանի որ ունեցանք նաեւ տարակոյսներ, յուսախաբութիւններ եւ… անդոհանքներ:

«Ճրագ»-ի Ա. կողքին բովանդակութեան մէջէն տարակոյս պատճառեցին մեզի հետեւեալ պարբերութիւնները.

1) Յիսուս ըսաւ. «Աշխարհ եկայ յայտնելու, թէ որո՛նք են կոյրերը, եւ որոնք` տեսնողները, որպէսզի կոյրերը տեսնեն, եւ անոնք, որ կը տեսնեն, կուրանան»: Անշուշտ, խօսքը կը վերաբերի հոգեպէս կոյր եւ տեսնող մարդոց մասին, բայց Յիսուս բնաւ պիտի չուզէր, որ տեսնող, բայց հոգեպէս մոլորեալները կուրանային… այլ պիտի ուզէր զանոնք եւս հոգեպէս տեսնող դարձնել…

2) «Հաստատ գիտցէք, թէ ես եմ ոչխարներուն դուռը: Բոլոր անոնք, որոնք ինձմէ առաջ եկան, գող էին եւ աւազակ»:

Այսպիսի խօսք, որ յատուկ է բռնակալներուն, Յիսուս չի կրնար ըսած ըլլալ, քանի որ բռնակալ մը չէր, այլ` իմաստուն ու խոնարհ առաջնորդ մը, հոգեւորական ղեկավար մը, որ կ՛առաջնորդէր` առանց տիրակալելու… Այսպիսի խօսք կը ծառայէ միայն բռնակալներու եւ տիրակալող դասակարգերու քարոզչութեան… քանի որ ասոնք ունին մենատիրական մոլուցք եւ մրցակից չեն ուզեր ունենալ: Նազովրեցի Յիսուս տիրապետելու մոլուցք չունէր. ունէր առաջնորդելու առաքելութիւն, որ սուրբ առաքելութիւն մըն է եւ կը մերժէ տիրակալելու ամէն փորձութիւն: (Յիշենք, որ հին չին տեսանող փիլիսոփայ Լաօ Ցէ` Յիսուսէն դարեր առաջ քարոզած էր. «Առաջնորդել` առանց տիրակալելու…»):

3) «Ես եմ դուռը, ով որ ինձմէ անցնելով` ներս մտնէ, պիտի փրկուի»:

Այսպիսի խօսք յատուկ է ինքնակալի մը, եւ ոչ թէ` խոնարհ ու ծառայասէր Նազովրեցի Յիսուսին, որ լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը…

Այսպիսի խօսք կ՛ըսէր անցեալին` եկեղեցիներու ինքնակալ ու դպրական (scholastique) դաւանանքի տիրակալ Վատիկանը, որ կը մերժէր ճանչնալ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ առաքելականութիւնը եւ Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու իրաւունքը, եւ վերը յիշուած մէջբերումին յար եւ նմանը կ՛ըսէր, երբ կը մերժէր կաթոլիկ վարժարանի մը իբրեւ ուսանող ընդունիլ հայ առաքելական պատանի մը` ըսելով. «To be in communion with God you have to pass by the Vatican…» (Աստուծոյ հետ հաղորդակից ըլլալու համար պէտք է որ անցնիս Վատիկանէն): Յիսուսին սխալմամբ վերագրուած այս խօսքը կը սազի մաքսատան մը պետին, կամ` ներկայացման մը կիշէն նստած անձին, եւ բնաւ` Յիսուսի: Այս նենգափոխումը կրնան կատարած ըլլալ նաեւ միջնադարեան արծաթասէր ու խաւարամիտ եկեղեցականներ` Վատիկանէն, երբ պապը «Թողութեան գիր» կը ծախէր մեղանչած, բայց տկարամիտ հաւատացեալներուն, անոնց համար յատուկ տեղ խոստանալով դրախտի մէջ: Կոշտ խօսքով, դրախտը ծախու հանուած էր… ով որ «Յիսուսէն անցնէր»` այդ «գիր»-ը գնելով… կը փրկուէր… դրախտ կ՛երթար, որքա՛ն ալ մեղանչած ըլլար: Նոյնիսկ` սատանա՞ն… Կարճ կապենք:

Բարեբախտաբար այսօր, եւ երեք տարիներէ ի վեր, Վատիկանը կը բոլորէ բարենորոգումի հանգրուան մը` Ֆրանչիսկոս պապի ղեկավարութեամբ, որ Պուէնոս Այրեսի թեմի առաջնորդ արքեպիսկոպոսը եղած օրերէն, Վատիկանի դպրական հնամաշ աստուածաբանութեան փոխարէն, կը հետեւէր ազատագրութեան աստուածաբանութեան` խոնարհութեան ու ծառայասիրութեան օրինակելի տիպար հանդիսանալով կաթոլիկ եկեղեցականներուն: Ան կը թելադրէ մեծ ուշադրութեամբ կարդալ պիպլիական բնագրերը, քանի որ ատոնք ունին երկու կամ երեք հազար տարիներու պատմութիւն եւ չեն համապատասխաներ մեր այսօրուան լեզուին ու բառապաշարին: Ան կ՛ըսէ, որ պէտք է հիմնուիլ Յիսուսի խօսքերուն գլխաւոր պատգամին վրայ եւ ոչ թէ` պարագայական մանրամասնութիւններուն եւ այլաբանութիւններուն, որոնք կրնան նենգափոխուած ըլլալ… Յիսուսի ուսմունքին մաքրամաքուր աղբիւրներուն թշնամիներուն կողմէ: Եւ մենք, մեր կարգին, կ՛աւելցնենք, որ այդ նենգափոխումներուն գլխաւոր հեղինակը կը հանդիսանայ քրիստոնէութեան գլխաւոր թշնամին` սիոնականութիւնը… որովհետեւ Յիսուս կեանքի բարոյական նպատակը կը համարէ ըլլալը եւ ոչ թէ` ունենալը… մինչդեռ սիոնականութեան բարոյական առաջնահերթ նպատակը ունենալն է: Յիսուս Լերան քարոզին մէջ ըսաւ. Քանզի ինչ կ՛արժէ մարդ, երբ աշխարհը շահի, բայց իր անձը կորսնցնէ: Այսինքն` երբ շատ բան ունենայ, բայց մարդ չըլլայ…

«Ճրագ»-ի այս թիւի Բ. էջին «Սուրբեր եւ տօներ» սիւնակին մէջ «Համբարձումը» վերնագրին տակ` մեծապէս հակասական ու տխմար գրութիւն մը, որ ճիգ կը թափէ կարծէք, որ հաւատանք իր խօսքերուն, որոնք յուսախաբ կ՛ընեն լուրջ ընթերցողը: Յիշենք այս գրութեան միայն չորս սխալները.

1) Համբարձման միջոցին Յիսուս առաքեալներուն իբր թէ պատուիրեր է, որ մինչեւ Պենտեկոստէի օրը մնան Երուսաղէմ, ուր Ս. Հոգին պիտի իջնէ եւ բնակի իրենց մէջ… Այս գրութեան հեղինակին հարց կու տանք. եթէ անոնք չմնան Երուսաղէմ, Ս. Հոգին չի՞ բնակիր անոնց մէջ: Ս. Հոգին ինչո՞ւ միայն Երուսաղէմ պիտի իջնէ մասնաւորաբար: Ս. Հոգին արդէն ամէն տեղ չէ՞, երբ Աստուած ամէն տեղ է, եւ Աստուծոյ միեւնոյն անձին մէջ կան` Հայր Աստուած,  Որդին Աստուած եւ Հոգին Սուրբ Աստուած: Ս. Հոգին Հայրէն եւ Որդիէն տարբե՞ր է եւ տարբե՞ր պաշտօն ունի եւ անոնցմէ անջատ կամ գաղտնի՞ կը գործէ: Բայց հարկ չկայ շարունակել հարցումներու երկար շարքը: Երուսաղէմի վրայ այս շեշտադրումը անբաժանելի մասնիկն է սիոնականութեան քարոզչութեան, քանի որ, համաձայն իրենց ծրագրին, Երուսաղէմը մայրաքաղաքը պիտի ըլլայ համայն սիոնավար աշխարհին, սիոնականութեան կողմէ տիրապետուած աշխարհին: Սիոնականութիւնը յատուկ ծանուցումներ կը դնէ թերթերուն մէջ` դասախօսութեան հրաւիրելով, որուն նիւթն է` «Jerusalem, The Capital of the World»: Երբ Փարիզ կը գտնուէինք, մօտէն հետեւած ենք Օdeon ազգային թատրոնի ամսական յայտագիրներուն, որոնց մէջ անպայման սպրդեցուած կ՛ըլլան մէկ-երկու հրէական անուններ: Օր մը, ուրիշ բան գտած չըլլալով, նուագախումբի մը յայտագրին վրայ կար` Cantate à Jerusalem…

2) «Քրիստոս համբարձաւ, որպէսզի երկինքը երկրին միաւորէ եւ աստուածացնէ ու փառաւորէ մարդկային բնութիւնը»:

Հարց կու տանք. Քրիստոս արդէն 40 օրեր առաջ հրաշափառ յարութեամբ երկինք բարձրացած չէ՞ր… ինչո՞ւ իր ընելիքը հոն չըրաւ այդ ատեն: Եւ երկինքը երկրին միաւորելու հա՞րց կար, թէ՞ արդէն երկինքն է, որ ստեղծեր էր երկիրը, իսկ Աստուած արդէն մարդը ստեղծեր էր իր պատկերով… եւ զայն ո՛չ աստուածացնելու եւ ո՛չ ալ փառաւորելու կարիք մնացեր էր: Հոս եւս հարկ չկայ շարունակելու հարցումներու երկար շղթան:

3) «Ան երկինք ելաւ` առանց լքելու իր սիրելի առաքեալները, եւ` բոլոր անոնք, որ կը հաւատան (իրեն) ու կը սիրեն զինք»:

Բայց Աստուած ոխերիմ չէ եւ փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած չէ Անոր սէրը` մարդոց հանդէպ, անխտիր բոլոր մարդոց հանդէպ: Ան նոյնիսկ ներեց վաղամեռիկ Պետրոս Դուրեանին, որ իր անբուժելի հիւանդութեան պատճառով «մահուան տեսիլ» ունեցաւ եւ պոռթկաց. «Թող շանթ մը ըլլամ ու կողդ խրիմ, Աստուած ոխերիմ…»:

Փոխադարձ եւ նոյնիսկ անփոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած մօտիկութիւնը յատուկ չէ Աստուծոյ եւ աստուածապաշտներուն, այլ` դրամապաշտ դրամատէրներուն, որոնց համար «մարդը մարդուն գայլ է» (Homo Homini Loupos), մինչդեռ Աստուծոյ եւ մարդասէր մարդոց համար «մարդը մարդուն եղբայրն է…»:

4) Յիսուս ըսաւ. «Ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհի վերջը»:

Նազովրեցի Յիսուսին վերագրուած այս խօսքը շատ ծանրակշիռ սուտ մըն է, որ կրնայ ծառայել սատանայապաշտներու քարոզչութեան միայն…

Նազովրեցի Յիսուսին հաւատացող հայ Թոնդրակեցիները կը մերժէին «սկզբնական մեղք»-ի եւ «վերջին ահեղ դատաստան»-ի տոկմաները եւ կը պնդէին, որ «դրախտն ու դժոխք»-ը կը գտնուին այս երկրի վրայ: Բայց Քրիստոսի եկեղեցին կը խօսի երկրաւոր կեանքի եւ երկնաւոր կեանքի, ասդենական աշխարհի եւ անդենական աշխարհի, «արցունքի հովիտ» այս անցողիկ աշխարհի եւ յաւիտենական միւս աշխարհին մասին: Յիսուսի վերագրուած խօսքին մէջ չէ ճշդուած, թէ ո՛ր աշխարհի մասին է խօսքը, կ՛ըսէ` «մինչեւ աշխարհի վերջը…», սակայն, տրամաբանական եզրակացութեամբ, կրնանք ըսել, որ խօսքը կը վերաբերի ա՛յս, երկրաւոր աշխարհին, որ բայց ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ… Ուրեմն այդ ո՞ր ուժն է, որ պիտի կարողանայ վերջ դնել այս աշխարհին` ի հեճուկս Աստուծոյ կամքին… եթէ ոչ` սատանան: Հետեւաբար այս խօսքը կը ծառայէ միմիայն սատանայապաշտներու քարոզչութեան, հաւատք ընծայելով` սատանայի ուժին, որ կրնայ յաղթել ամենակալ եւ ամենակարող Աստուծոյ կամքին…:

«Ճրագ»-ի այս համարի Բ. էջի երկրորդ «Հարցում-պատասխան բաժին» վերնագրով սիւնակին մէջ մէջբերուած է Եփրեմ Ասորիի սա աղօթքը.

«Ամրացուր զիս Քու երկիւղովդ, զօրացուր տկարս Քու զօրութեամբդ… որ չարչարակից ըլլամ Քու սուրբերուդ»:

Այս աղօթքին առաջին մաղթանքը անօրինակ, ծանրակշիռ սրբապղծութիւն մըն է, որ լռելեայն Աստուծոյ կը վերագրէ երկիւղ պահանջող բռնատէրի կամք: Արդարեւ, բռնատէր մը արդէն ժողովուրդէն սէր չի կրնար ակնկալել, այլ կը գոհանայ եւ միայն կը պահանջէ երկիւղ եւ ստրկամտութիւն, որպէսզի ինք ապահով զգայ իր գահին վրայ: Մինչդեռ Աստուած սէր է, գթասիրտ ու ներողամիտ եւ` ողորմած: Եփրեմ Ասորիի աղօթքը ուղղուած է այնպիսի աստուծոյ մը կերպարին, որ խորհրդանիշն է անոնց, որոնք աստուածաՎԱԽութիւն կը քարոզեն` սրբապղծելով Աստուծոյ կերպարը, եւ փաստօրէն քարոզ կը կարդան հաւատացեալներուն` ենթարկուելու, ապաւինելու եւ ստրկանալու բռնատէր իշխանութեանց եւ շահագործող դասակարգերուն…

Այս աղօթքին երկրորդ մաղթանքը, սակայն, հիմնովին հակառակն է` «զօրացուր տկարս Քու զօրութեամբդ, որ չարչարակից ըլլամ Քու սուրբերուդ»: Այսինքն կարողանամ դիմադրել ոճրագործներու, բռնատէրներու եւ անարդարներու

չարչարանքներուն, քու սուրբերուդ նման: Այլ խօսքով, Աստուծմէ զօրութիւն կը խնդրէ, որպէսզի կարողանայ սուրբ դառնալ: Աշխարհական մը կրնա՞յ սուրբ դառնալ…

Եւ Ֆրանչիսկոս պապը կ՛ըսէ, որ Ս. Հոգին հոգեւորականներուն մենաշնորհը չէ, Ս. Հոգին կը ներշնչէ նաեւ աշխարհականներու գործերը: Հետեւաբար քաղաքականութեամբ զբաղող աշխարհականները եւս կրնան սուրբ գործ տեսնել ու սուրբեր դառնալ… սրբադասուելով նոյնինքն եկեղեցւոյ կողմէ, երբ կը լրացնեն միւս երկու պայմանները` գերազանց ուսմունքի (Eminens Doctrina) եւ արտասովոր սրբակեացութեան (Insignis Vitae Sanotitas): Այլ խօսքով, երբ քաղաքականութեամբ զբաղող աշխարհականներ սրբազան կռիւ կը մղեն` վասն ազգային ազատագրութեան, ընկերային արդարութեան, ընդդէմ` դրամատէր դասակարգին եւ յօգուտ` աշխատաւորներուն, աղքատներուն, կարօտեալներուն ու տկարներուն, եւ վասն` խաղաղութեան ու մարդկութեան բարօրութեան, կրնան սուրբեր դառնալ, ոչ միայն եկեղեցիին սրբադասումով, այլեւ` ժողովուրդին ձայնով, «Ձայն բազմաց` ձայն Աստուծոյ» սկզբունքով (Vox Populi, Vox Dei): Լատին Ամերիկայի ժողովուրդները սուրբ հռչակած են Քոմանտանթէ Չէ Կեւարան, հայ ժողովուրդն ալ` զօրավար Անդրանիկ Օզանեանը եւ զօրավար Վարդան Մամիկոնեանը, քանի որ զօր. Անդրանիկին տրուած ազգային հերոսի պատուանունը համազօր է սրբութեան, ազատագրական աստուածաբանութեան մէջ:

«Ճրագ»-ի այս համարի Գ. էջին, «Մեր հայրերուն խրատները» վերնագրով սիւնակին մէջ, Յովհան Մանդակունիի ճառերէն մէջբերուած հատուածներէն երկուքին մէջ կան քարոզչական կոպիտ սխալներ. մին` պարտուողականութիւն քաջալերող, իսկ միւսը` սիոնականութեան ծառայող…

1) Աղօթել կը պահանջուի ոչ միայն մեղքերով ծանրաբեռնուածներէն, այլեւ` թշնամիներէն տանջուածներէն… փոխանակ այս վերջիններէն պահանջելու թշնամիներուն դէմ պայքարիլ: Թշնամիներէ բազմաչարչար (Վահան Տէրեանի բառերով` «Դու եօթնապատիկ խաչուած Տիրամայր») մեր ժողովուրդին համար միայն աղօթելու այս խրատը ինքնասպանութեան կոչ է:

2) Սիոնական առասպելներու եւ ստայօդ քարոզչութեան ծառայող խրատ մըն է նաեւ այս սիւնակի նախավերջին նախադասութիւնը.

«Աստուծոյ լացող մարդիկը իրենց ջերմեռանդ աղօթքներուն ու պաղատանքներուն համար Աստուծոյ կողմէ Գեդէոնը ունեցան, որ ազատեց Իսրայէլը»:

Հայ հաւատացեալը, որ պիտի կարդայ այս խրատը, պահ մը պիտի կասկածի, որ ուրեմն մենք թերացած ենք բաւարար չափով Աստուծոյ աղօթելու եւ լալու մեր պարտաւորութեան մէջ, որ ցարդ Աստուած մեզի չօգնեց ու մեզի չղրկեց մեր Գեդէոնը, որպէսզի ազատագրէր Արեւմտահայաստանը, եւ կամ պիտի եզրակացնէ, որ ուրեմն Իսրայէլը յատուկ եւ կարեւոր տեղ գրաւած է Աստուծոյ սրտին մէջ եւ մենք արժանի չենք եղած Աստուծոյ սիրոյն, քանի որ հայ ժողովուրդը աստուածահաճոյ գործ մը չէ կատարած, եւ ուրեմն մենք ստորադաս ժողովուրդ ենք… եւ այլն, եւ այլն:

«Ճրագ»-ի այս համարի Գ. էջի երկրորդ սիւնակը, որ կը կրէ «Հոգեւոր խորհրդատու» վերտառութիւնը, «Մարդոց չարութիւնը» վերնագրին տակ տրուած գրութեան վերջին պարբերութիւնը կը բովանդակէ շարք մը սիոնական կոտոշաւոր եւ անկոտոշ սուտեր եւ հակասութիւններ.

«Չարագործները աղքատին խորհուրդները կը հեգնեն, բայց Տէրը ինքն է անոր [աղքատին] ապաւէնը: Ո՜հ, տեսնէի Աստուծոյ ժողովուրդին փրկութիւնը, որ Սիոնէն պիտի գայ: Երբ Տէրը ետ դարձնէ գերի տարուած իր ժողովուրդը, Յակոբի սերունդները պիտի ցնծան եւ ուրախանան»:

Այս պարբերութեան մէջ ոչ մէկ հոգեւոր խորհուրդ կայ:

1) Աղքատի կերպարը հրեան չէ: Հրեայի կերպարը Շէյլոքն է` Վենետիկի միլիառատէր վաճառականը, Շէյքսփիրի համանուն թատերախաղին հերոսը եւ կամ… ռոչիլտները:

2) Աստուծոյ արարածները համայն մարդկութիւնն է, որ կը ներկայացնէ Աստուծոյ բոլոր ժողովուրդները եւ ոչ թէ հրեայ ժողովուրդը միայն: Աստուած արդարադատ եւ մարդասէր Աստուած ոչ մէկ խտրութիւն կը դնէ իր արարածներուն միջեւ եւ չունի իր կողմէ ընտրեալ ժողովուրդ մը:

3) Հրեայ ժողովուրդին փրկութիւնը Աստուծո՞յ կողմէ պիտի գայ, թէ՞` Սիոնէն… Եթէ հրեան աղքատն է. եւ անոր ապաւէնը` Աստուած, ինչո՞ւ Սիոնէն պիտի գայ հրեաներու փրկութիւնը եւ ոչ թէ` Աստուծմէ: Այս հակասութեան պատճառը այն է, որ հաւատացեալ հրեաները կը սպասեն իրենց Մեսիայի գալուստին, որպէսզի զիրենք առաջնորդէ խոստացուած, աւետեաց երկիր. իսկ Մեսիան տակաւին չեկաւ, ուրեմն այս պետութիւնը, որ Իսրայէլ կը կոչուի, հրեաներուն խոստացուած երկիրը չէ, եւ ամերիկացի հաւատացեալ հրեայ պատմաբան Ալֆրետ Լիլիընթալ, արդէն 1947 թուին, «Reader’s Digest»-ի մէջ գրեց հանգամանաւոր գրութիւն մը. «Այս պետութիւնը իմ պետութիւնս չէ, եւ անոր դրօշը իմ դրօշս չէ» վերնագրով: Այնուհետեւ ալ գրեց շարք մը պատմաքաղաքական հատորներ` մերկացնելով սիոնականութիւնը եւ զայն ներկայացնելով որպէս ոչ հրէական (ընդհակառակը` հակամովսիսական) ծաւալապաշտական, կայսերապաշտական վարդապետութիւն եւ շարժում, ինչպէս` «What Price Israel?» եւ «The Other Side of the Coin» հատորները: Բայց սիոնականութեան քարոզչութիւնը կ՛ուզէ ուղեղալուացում կատարել եւ մարդիկը համոզել, որ փրկութիւնը կու գայ սիոնականութեան ճամբով` Սիոնէն:

4) Հրեայ ժողովուրդը բնաւ գերի տարուած չէ, այլ ինք գաղթած է, եւ թափառիլը սիրելուն համար ստեղծուած է այս անգամ ալ «Թափառական հրեայ»-ի վէպը, իրենց իսկ կողմէ… Բայց նախադասութեան մէջ «գերի տարուած» սուտէն աւելի ծանրակշիռը այն է, որ կը կրկնէ «Աստուծոյ ժողովուրդ»-ի առասպելը, երբ կ՛ըսէ` «Երբ Տէրը ետ դարձնէ գերի տարուած իր ժողովուրդը…»:

5) Բայց հրէութիւնը ազգութիւն չէ, այլ` կրօն, մովսիսականութիւն: Նոյնիսկ հրեայ, բայց հակասիոնական պատմաբաններ անգամ ասկէ աւելին կ՛ըսեն.

«Հրեաները» ժողովուրդ իսկ չեն, այլ` սոսկ մովսիսականներ, եւ մովսիսական կրօնը կը դաւանին այլ ազգութիւններու եւ ցեղերու պատկանող մարդիկ: Խափշիկ մովսիսականներու` ֆալաշաներու պարագան մէկն է անոնցմէ:

Թել Աւիւի պետական համալսարանի պատմութեան դասախօս փրոֆ. Շլոմօ Սանտ, 2008-ին, Փարիզի մէջ, Faillard հրատարակչատունէն լոյսին ընծայեց  650 էջանի իր ակադեմական հատորը` «Comment fût inventé le peuple juif»? (Ինչպէ՞ս հնարուեցաւ հրեայ ժողովուրդը) վերնագրով: Փրոֆ. Շլոմօ Սանտ եւս Ալֆրետ Լիլիենթալի նման` հակասիոնական հրեայ մըն է, որ իր այս հատորին մէջ վաւերագրական հարուստ տուեալներով կը հաստատէ, թէ սիոնականներն են, որ յօրինած են հրեայ «ժողովուրդ»-ի եւ «ազգութեան» հակապատմական ու հակագիտական առասպելները` քաղաքական, ծաւալապաշտական, կայսերապաշտական ծրագիրներուն ծառայելու համար, Միջին Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ:

6) Բայց ամէնէն կարեւոր պատմական փաստը այն է, որ սիոնականները փանթուրք երիտթուրքերէն աւելի մեղաւոր են Մեծ եղեռնի կրկնակ` Ցեղասպանութեան եւ տարագրութեան ոճիրներուն մէջ, քանի որ իրենք էին` փանթուրքիզմի ծրագրի մանկաբարձները, ամբողջ կէս դար` 1873-1923, երբ առաջին թուրք փանթուրք տեսաբանը յայտնուեցաւ` Զիա Կէօքալփը, որ գրեց իր «Թիւրքչիւլիւկիւն էսասլարը» (Türkçülüğün esasları) հատորը: Ամբողջ 50 տարի (1873-1923) ֆրանսացի, լեհ, գերման եւ աւստրիացի ու հունգարացի հրեայ սիոնական հեղինակներ` Լէոն Քահէոն, Ֆրանց Ֆոն Վեռներ, Ալպերթ Քոհին, Քոնսթանթի Պրոժեցքի, Արմինիուս Վամպերի եւ ուրիշներ հատորներ հրատարակեցին` գործածելով թրքական ծածկանուններ, ինչպէս` Թեքին Ալփ, Մուրատ Էֆենտի, Մուսթաֆա Ճելալէտտին փաշա եւ այլն, գովաբանելով թուրք ցեղին ու «Մեծն Թուրան» անգոյ կայսրութեան մը փառքի օրերը, եւ քաջալերելով այդ փառքին վերականգնումը: (Այս մասին մանրամասն տեսնել` մեթր Գ. Տէրտէրեան, «Սիոնիզմի եւ փանթուրքիզմի առնչութիւնները եւ անոնց սպառնալիքը Հայաստանի լինելութեան», Պէյրութ, 1990): Սիոնիզմը եւ փանթուրքիզմը հրեաներուն ու թուրքերուն պատկանող ծրագիրներ չէին, այլ` Արեւմուտքի դէպի Արեւելք ծաւալելու կայսերապաշտական տէրութիւններու նպատակներուն ծառայող վարդապետութիւններ: Այս է պատճառը, որ ամէն հրեայ սիոնական չէ, եւ ամէն թուրք փանթուրք չէ, այլ կան ոչ հրեայ սիոնականներ, եւ ոչ թուրք փանթուրքեր… որոնք  սիոնականութեան եւ փանթուրքականութեան պաշտպաններն են` իրենց ծաւալապաշտական նպատակներուն համար…

Անշուշտ «Ճրագ»-ի խմբագիրները գիտակցաբար չէ, որ տեղ տուած են սիոնականութեան քարոզչութեան, այլ` անգիտակցաբար, անգիտութեան ու անտեղեակութեան պատճառով: Այս «Բաց նամակ»-ին նպատակն է պարզապէս իրազեկել անոնք, որպէսզի շատ աւելի մեծ ուշադրութեամբ ընտրեն պիպլիական բնագրերն ու եկեղեցական հայրերու գրութիւնները եւ դուրս ձգեն բանականութեան հետ խոտոր համեմատող ու հակասական խօսքերը, որոնք կը ծառայեն սիոնականութեան քարոզչութեան ու ուղեղալուացումին, քանի որ սիոնականութիւնը խլրդային երկարաշունչ աշխատանքով նենգափոխած է քրիստոնէութեան սկզբնական մաքուր գրականութիւնը, որովհետեւ ան թիւ մէկ թշնամին է Նազովրեցի Յիսուսի ուսմունքի մաքրամաքուր աղբիւրին եւ … բոլոր ժողովուրդներուն, քանի որ Աստուծոյ ընտրեալը եղած ըլլալ կը յաւակնին, ներառեալ` հայ ժողովուրդին, ինչպէս տեսանք: Յիսուսի ուսմունքին սկզբնական աղբիւրներուն նենգափոխումը կատարուեցաւ ոչ միայն սիոնականութեան կողմէ, այլեւ տիրող բռնակալ ու շահագործող դասակարգերու կողմէ` Յիսուսի վերագրելով հնազանդութեան եւ ստրկամտութեան քարոզ… մինչդեռ Յիսուս ինքն էր նաեւ խորհրդանիշը սրբազան ըմբոստութեան ու սրբազան կռիւի, երբ լումայափոխներն ու վաճառականները վտարեց խարազանով… Տիրող դասակարգերն էին նաեւ Յիսուսի կերպարը Քրիստոսի դիմափոխողները` եկեղեցւոյ էսթապլիշմենթին մեղսակցութեամբ… (Այս մասին տեսնել` Eric Fromm, «The Dogma of Christ»):

«Ճրագ»-ի խիստ նուիրական առաքելութիւն մը ունի` լուսաւորելու մեր ոտքերուն ընթանալիք շաւիղները, որպէսզի խաբուած զոհերը չդառնանք սիոնականութեան ապակողմնորոշող ու մոլորեցնող քարոզչութեան: Մեր եկեղեցին կը կարօտի նոր թոնդրակեան բարենորոգութեան մը, որուն ջահակիրը պէտք է ըլլայ «Ճրագ»-ը` մեծ զգուշութեամբ, բանականութեամբ ու ողջմտութեամբ մօտենալով պիպլիական երկհազարամեայ հին եւ սիոնականութեան կողմէ ականուած ու նենգափոխուած բնագրերուն:

 

Պէյրութ
21 յունիս 2017

 

Թուրքիա Կը Պատրաստուի Խորացնելու Ցեղասպանութեան Ուրացման Արշաւը

0
0

Թուրքիոյ մէջ նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ «Օսմանեան արխիւներու միջազգային 2-րդ համաժողով»-ը, որուն ընթացքին ի միջի այլոց պիտի քննարկուի նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը:

Յատկանշական է, որ համաժողովին բացումը պիտի կատարէ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, ինչ որ Ցեղասպանութեան ուրացման արշաւը աւելի՛ եւս խորացնելու նպատակ կը յուշէ:

Ըստ պաշտօնական յայտարարութեան,  համաժողովին պիտի մասնակցին` «մտաւորականներ, պատմաբաններ, արխիւագէտներ», որոնք` «հիմնուելով պաշտօնական փաստաթուղթերու եւ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանէն արխիւային նիւթերու վրայ` պիտի քննարկեն պատմական փաստերը»:

Շարք մը այլ նիւթերու կողքին, պիտի կայանան նաեւ «Օսմանեան կայսրութեան մէջ արտագաղթը եւ բռնի արտագաղթը» եւ «Լոզանի ու նեղուցներու հարցը» խորագրեալ քննարկումները:


Յուշատետր. Մեզմէ Վերջ Մեզմէ Առաջ (Բ.)

0
0

Ռ. Հ.

Մեծ ճշմարտութեան մը գիւտը ըրած ըլլալ չեմ յաւակնիր, եթէ ըսեմ, որ մինչ «Մեզմէ վերջ»-ուան մասին մտածելը կը խոցէ մեր սիրտը. «Մեզմէ առաջ»-ուան մասին մտածելը ոչինչ կը շարժէ մեր սրտին ու մեր զգացականութեան մէջ: Ի՛նչ տարօրինակ ճակատագիր է, Տէ՛ր Աստուած: Եթէ «Մեզմէ վերջ»-ը պիտի չտեսնենք, ասիկա ահաւոր կորուստ մըն է մեզի համար: Բայց եթէ «Մեզմէ առաջ»-ը չտեսանք, ատիկա երբեք կորուստ մը չէ մեզի համար: Ընդհակառա՛կը, մեզ հանգստացնող, մեզ ոգեւորող ու երջանկացնող մտածում մըն է: Լա՛ւ որ աւելի առաջ աշխարհ չենք եկեր, լա՛ւ որ անցեալի կիսավայրենի կամ անքաղաքակիրթ մարդը չենք եղեր, որովհետեւ հիմա գոյութիւն պիտի չունենայինք: Մեզմէ առաջուան կեանքի մասին մտածելը բոլորովին տարբեր է մեզմէ վերջուան կեանքին մասին մտածելէ: Միայն թէ սա իսկապէս կարեւոր տարբերութիւնը ամէնէն ծանրակշիռն է թերեւս: Կը հաւատանք, որ մեզմէ վերջ կեանքը պիտի շարունակուի մինչեւ անյիշելի ժամանակներ, բայց կարծես չենք հաւատար, որ մեզմէ առաջ կեանք մը կար անյիշելի ժամանակներէ ի վեր: Մեր միամիտ տրամաբանութեամբ, կամ` մեզի պարտադրուած զգացական հակումներու ազդեցութեան տակ, կը մտածենք, որ տիեզերքի պատմութեան ամէնէն կարեւոր մասը սկսաւ մեզմով: Անկէ առաջուանը երկրորդական կարեւորութիւն ունի: Կրնանք հիացումով մտիկ ընել մեզմէ հարիւր տարի առաջ գրուած երաժշտութիւն մը, կրնանք հիանալ մեզմէ երկու հարիւր տարի առաջ կառուցուած յուշարձանի մը վրայ, կրնանք աղօթել մեզմէ հարիւր տարի առաջ կառուցուած եկեղեցիի մը մէջ, նոյնիսկ երբեմն կը սկսինք թեւածել անցեալի խորհուրդներուն ու հրաշալիքներուն երկնակամարին վրայ, բայց այս բոլորը որքա՞ն մեզ կը հաշտեցնեն այն գաղափարին հետ, թէ ահաւոր ժամանակներէ ի վեր ուրիշներու կողմէ կեանք մը ապրուած էր առանց մեզի:

Մեզմէ առաջուան կեանքի մասին իմ մտածումներուս ու թերահաւատութիւններուս մէջ հարց մը միայն կայ, որ բաւական խոցած է սիրտս: Ասիկա մտածելն էր իմ հօրս ու մօրս մասին, անոնց կենդանութեան օրով իսկ: Այո՛, որքան ալ հաւատայի, որ ինծի համար կեանքը սկսած էր իմ ծննդեան թուականով, դիմացս կային հայրս ու մայրս, երկու ամենասիրելի էութիւններ, որոնք ամէն վայրկեան կը փաստէին, թէ ինձմէ առաջ ուրիշներու կողմէ ապրուած կեանք մը կար, եւ թէ` ես այդ կեանքին մէկ պտուղն էի: Կը յիշեմ, թէ քանի՜ քանի՛ անգամներ նայած եմ ծերունազարդ հօրս, երբ ան պատուհանին քով կը նստէր ու իր յոգնած աչքերով «փասիանս» կը բանար, կամ կը ծխէր` մտածկոտ նայուածքներ ուղղելով դէպի փողոց, նայած եմ ու մտածած եմ, որ հայրս ալ ատենօք եղած էր փառաւոր երիտասարդ մը, ան ալ ապրած էր կեանքի բարիքները, սիրած էր, զաւակներ աշխարհ բերած էր: Հիմա երբեմն երբ մեզի կը նայէր, երբ կը նայէր մեր երիտասարդ հասակին, մեր առոյգ վազվզուքներուն, մեր ներկայի անհոգ ապրումներուն, ան ալ իր երիտասարդութեան օրերը չէ՞ր յիշեր արդեօք, չէ՞ր խոցուեր իր կորսնցուցած անցեալը յիշելով: Այս պատկերն էր միայն, որ զիս քիչ մը կը տառապեցնէր «Մեզմէ առաջ»-ի մը մասին մտածելու ստիպողութեամբ: Այսօր ես ալ նոյնը կը զգամ, ինչպէս անշուշտ կը զգան բոլոր այն մարդիկը, որոնք իրենց կեանքին կէսէն շատ աւելին ապրած են: Ես այսօր զիս շրջապատող իւրաքանչիւր երեխային կը նայիմ որպէս «Մեզմէ վերջ»-ուան կեանքի հերոսներէն մէկը, իւրաքանչիւր մանուկ, իր հրաշալի պատկերով ու իր անմեղ պոռչտուքներով, դէպի կեանք իր հրաշագործ վազքով ինծի կը յիշեցնէ, թէ ան «Մեզմէ վերջ»-ուան դերակատարը պիտի դառնայ օր մը, պիտի վայելէ այն, ինչ որ մենք պիտի կորսնցնենք, ու օր մըն ալ պիտի նստի ու պիտի դժուարանայ հաւատալու, որ մենք գոյութիւն ունեցած ենք:

Բայց, Աստուած իմ, մենք գոյութիւն ունինք ահաւասի՛կ ու իրողութիւն ենք, ճշմարտութիւն ենք: Մենք ո՛չ «Մեզմէ առաջ» ենք, ո՛չ ալ «Մեզմէ վերջ», մենք այսօրն ենք, հրաշալի այսօրը, որ կը վերածնի ամէն առաւօտ օրուան արեւին հետ զուգընթաց կերպով: Մեզ ստեղծողը թերեւս ուզեր է, որ մենք չմտածենք ո՛չ առաջուանին մասին, ո՛չ ալ վերջուանին մասին, ուզեր է, որ կուշտուկուռ ապրինք միայն սա ներկան, սա այսօրը, որ մարդոց համար միշտ միակ իրականութիւնը եղած պէտք է ըլլայ հազարաւոր տարիներէ ի վեր, եթէ մարդիկ իսկապէս կային հազարաւոր տարիներ առաջ: Մեզ ստեղծողը կարծես ուզեր է վարագոյրով մը գոցել մեզմէ առաջուանն ու մեզմէ վերջուանը ու երկու վարագոյրներու միջեւ մեզի տրամադրեր է հոյակապ ներկայ մը, որ հազար հատ անցեալ ու հազար հատ ապագայ կ՛արժէ, բայց ասիկա ընելու ընթացքին բան մը մոռցեր է, կամ թերեւս ալ չէ մոռցեր, այլ յատկապէս տնօրիներ է: Չէ արգիլեր, որ մեր իմացականութիւնը երբեմն ուզէ անդին հրել մեզմէ առաջուանին ու մեզմէ վերջուանին վրայ իջած վարագոյրները ու նայիլ, թէ ի՛նչ կայ այդ վարագոյրներուն ետին: Երանի՜ թէ բնաւ չփորձէինք նայիլ այդ վարագոյրներուն ետին, որովհետեւ իրականութեան մէջ երկուքին ալ ետին այլեւս ոչինչ կայ մեզի համար իրական ու շօշափելի: Մեզի համար կայ միայն մեր ժամանակը, որ հրաշալիօրէն մեզմով կը սկսի ու մեզմով կը վերջանայ:

rh@normarmara.com

Վաւերագրական Նոր Ժապաւէնը 1915-ի Ցեղասպանութիւնը Կը Կապէ Ազրպէյճանցիներու Ձեռամբ Հայերու Վերջին Սպանութիւններուն Հետ

0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Հայոց ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական նոր ժապաւէնը կը ցուցադրուի Միացեալ Նահանգներու տարածքին, բազմաթիւ սրահներու մէջ, նաեւ, «ըստ պահանջի», հասանելի պիտի դառնայ 7 հոկտեմբեր 2017-էն սկսեալ: Ի տարբերութիւն այս նիւթով պատրաստուած միւս ժապաւէններուն` այս մէկը աւելի յարմար է մերօրեայ օտար հանդիսատեսներուն համար:

Վաւերագրական ժապաւէնը, որ կը կրէ «Ցեղասպանութեան ճարտարապետները» խորագիրը եւ «Ժխտուող ցեղասպանութիւնը շարունակուող ցեղասպանութիւն է» ենթախորագիրը, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915 թուականին սկսած հայերու զանգուածային ջարդերը կը կապէ Ազրպէյճանի տարբեր քաղաքներու մէջ թուրքերու ցեղակիցներուն` ազրպէյճանցիներու ձեռամբ հայերու ժամանակակից զանգուածային սպանութիւններուն եւ արցախահայութեան կեանքին սպառնացող վտանգին հետ:

Վաւերագրական ժապաւէնը բեմադրած են հոլիվուտեան հեռատեսիլի երկու աստղեր` Տին Քէյն եւ Մոնթել Ուիլիըմզ: Ժապաւէնը Հայոց ցեղասպանութեան մասին հարցազրոյցներ կը կատարէ աշխարհահռչակ անձերու եւ փորձագէտներու հետ, որոնցմէ քանի մը հոգիին հետ` առաջին անգամ ըլլալով, ինչպէս, օրինակ, Ժուլիէն Ասանժի («Ուիքիլիքս»), Հետաքննութիւններու դաշնակցային պիւրոյի (FBI) բացայայտող Սիպել Էտմընծի, յայտնի միջազգային իրաւաբան Ճեֆրի Ռապըրթսընի, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին թուրք գիտնականներէն մէկուն` փրոֆ. Թաներ Աքչամի, Ցեղասպանութիւններու դիտորդական առաքելութեան նախագահ դոկտ. Կրեկըրի Սթենթընի, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, կովկասեան տարածաշրջանի փորձագէտ Թամ տը Վաալի, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճոն Էվընզի, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի, Թուրքիոյ մէջ Տիգրանակերտի Սուր թաղամասի նախկին քիւրտ քաղաքապետ Ապտիւլլա Տեմիրպաշի, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, Հայոց ցեղասպանութեան հարցերով փորձագէտ Ուղուր Ունկորի, Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քերըլայն Քոքսի, ինչպէս նաեւ` 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու եւ Պաքուի ու Սումկայիթի ջարդերու ականատեսներու (1988-էն սկսեալ եւ աւելի կանուխ, 20-րդ դարու) եւ տողերուս հեղինակին հետ:

Հարցազրոյցները տեղի ունեցած են շարք մը երկիրներու մէջ, որոնց կարգին` Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի, Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ մէջ, որոնցմէ քանի մը հատին նկարահանող խումբեր ուղարկելը կապուած էր մեծ ծախսերու եւ վտանգի հետ: Վաւերագրական ժապաւէնը նաեւ ընդհանրութիւններ կը ներկայացնէ զանազան ցեղասպանութիւններու միջեւ` Քամպոտիայէն մինչեւ Սուտան (Տարֆուր), Ողջակիզում, Պոսնիոյ եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւններ:

Ահա` կարեւոր հատուածներ որոշ ելոյթներէ, որոնք արձանագրուած են վաւերագրողներուն հետ  հարցազրոյցներու ընթացքին.

ԺՈՒԼԻԷՆ ԱՍԱՆԺ. «Ամբողջ աշխարհի մէջ Թուրքիա ընթացած է լոպիիստական յարձակողապաշտական դիւանագիտութեան ճամբով` համոզելու համար աշխարհը, որ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ վկայակոչումներ չեն ըլլար, ներառեալ` նոյնիսկ հզօր պետութիւններու մէջ, ինչպիսին է Միացեալ Նահանգները»:

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ. «Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները ժամանակ առ ժամանակ կը յայտարարեն, որ իրենք մէկ ազգ են, սակայն կ՛ապրին տարբեր պետութիւններու մէջ: Եւ, բնականաբար, անոնք, որպէս մէկ ազգ, միասնաբար կը քարոզեն ժխտողականութեան գաղափարախօսութիւն»:

Վաւերագրական ժապաւէնին մէջ թերեւս ամէնէն գայթակղեցուցիչ բացայայտումը ըրած է Սիպել Էտմընծ, զոր արձակած էին «Էֆ.Պի.Այ.»-ի իր աշխատանքէն` թրքական  ծրագիրներու մէջ բարձրաստիճան ամերիկացի քաղաքական գործիչներու անօրինական ներգրաւման մասին իր ղեկավարները տեղեկացնելուն համար. «Որպէս արդարացում` Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կ՛օգտագործէր հետեւեալ արդարացուցիչ հանգամանքը. մենք այս կ՛ընենք (Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը)` դիւանագիտական նուրբ յարաբերութիւններու համար: Սա կեղծաւորութիւն է, որուն ես ականատես կ՛ըլլամ, յատկապէս ներքին գիտակցումով, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ամէն բան սկսաւ ճիշդ գործ ընելու փորձէն, եւ մենք պայքարեցանք քրէական գործողութիւններու դէմ, զորս կը գնէին դրամով, ե՛ւ կը չարաշահէին, ե՛ւ կը հակադարձէին»:

Պարզաբանելով, թէ ինչո՛ւ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Տընիզ Հասթըրթ տապալեց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, Սիպել Էտմընծ ըսաւ. «Ատիկա քայլ մըն էր, որ իր գինը ունէր: Այս քուէարկութիւնը արգելափակելու համար ան կանխիկ գումար` կաշառք ստացած էր: Ան կաշառք վերցուցած էր նաեւ սեռային բնոյթի ծառայութիւններու տեսքով Թուրքիա կատարած իր այցելութիւններուն ընթացքին իջեւանած յատուկ պանդոկին մէջ: Անչափահաս տղաները սեռային բնոյթի ծառայութիւններ պէտք էր մատուցէին անոր: Այդ ծառայութիւնները անոր կը մատուցէին նաեւ իր տան մէջ, այդ կաշառք էր, օտարերկրեայ կաշառք, որ կը համարուի դաւաճանութիւն: Բայց ասիկա չնչին մէկ մասն էր այն բոլորին, զորս «Էֆ.Պի.Այ.»-ը արդէն հաւաքած էր: Շիքակոյի մէջ ան նաեւ անմիջականօրէն ներգրաւուած եղած է թրքական տխրահռչակ ցանցի մը մէջ, որ շատ մեծ տոկոսներ ունէր հերոյինի հետ կապուած գործունէութենէ, գործողութիւններէ եւ վաճառքէ` Միացեալ Նահանգներու մէջ, որոնց շարքին` որոշ անձերու ճամպրուկով կանխիկ գումարի ստացում` անոր եւ իր աշխատակազմի ղեկավարին կողմէ. անոնց վկայութիւնները ստուգուած են: Ոչ միայն գաղտնալսած էին զանոնք, այլ նաեւ` նկարահանած: 1997-էն սկսեալ «Էֆ.Պի.Այ.»-ը իր տրամադրութեան տակ ունի ապացոյցներ, ըստ որոնց, Տընիզ Հասթըրթ քրէականօրէն մասնակից էր: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Քոնկրեսին մէջ կը ճանչնայ շատ մարդիկ, որոնց վերաբերեալ ես վկայութիւններ տուած եմ. անոնք տեղեակ են: Եւ ես ըսի. «Կը նկատէք, որ ամբողջ համակարգի ոչ թէ հաշուետուութիւնը կը կատարուի, այլ` ծաղրանքը»:

Վաւերագրական ժապաւէնին մէջ կը ցուցադրուին նաեւ իրական նկարներ, որոնց մէջ ազրպէյճանցի զինուորներ կը գլխատեն հայ զինուորներ եւ քաղաքացիներ, նաեւ կը կտրեն անոնց ականջները` 2016 ապրիլին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ կատարուած յարձակման ընթացքին…

Վերջապէս, վաւերագրողները կը հարցնեն Քոնկրեսի քանի մը անդամներու, որոնք կը հրաժարին պատասխանելէ` «Ըստ ձեզի, արդեօք Հայոց ցեղասպանութիւնը իրականութեան մէջ տեղի ունեցա՞ծ է» հարցումին, բացառութեամբ` քոնկրեսական Էտի Պըռնիզ Ճանսընի (դեմոկրատ, Թեքսաս), որ նկարին մէջ կ՛երեւի ազրպէյճանական ուժանիւթի համաժողովին մէջ ելոյթ ունենալու պահուն, ուր ան կը պարծենայ` ըսելով. «Ես Ազրպէյճանի աջակցութեան (քոնկրեսական) խումբի անդամ եմ, խանդավառ եւ աջակցող անդամ…»:

Այնուհետեւ վաւերագրողները տեսախցիկի ընդմէջէն կը դիմեն քոնկրեսական Ճանսընին. «Դուք կը ժխտէ՞ք, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած է». ան անամօթաբար կը պատասխանէ. «Այո՛, ես կը ժխտեմ»…: Քոնկրեսին մէջ գործող անդամի մը համար մեծ գայթակղութիւն է այսպիսի բացարձակ ձեւով ժխտելը, որ հազուադէպօրէն կը պատահի Քոնկրեսի անդամներու կողմէ: Ամերիկայի ամբողջ հայ համայնքը եւ անոնց բարեկամները յաջորդ ընտրութիւններուն ընթացքին պէտք է զօրակցին ոչ թէ այս քոնկրեսական կնոջ, այլ` անոր հակառակորդին, իսկ ժխտող քոնկրեսականի շրջանին մէջ ընտրողները պէտք է քուէարկեն Քոնկրեսէն անոր հեռացման պահանջով: Եթէ այս ստոր ժխտողներէն ոեւէ մէկը հեռացուի իր պաշտօնէն, Քոնկրեսի միւս անդամները աւելի զգուշ կ՛ըլլան, որպէսզի չժխտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը: Մենք այս կնոջ հեռացումը պէտք է օրինակ դարձնենք միւսներուն համար…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Եւ Դատապարտման Գործընթացը, Հետեւանքների Վերացման Խնդիրները

0
0

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի ելոյթը Հայաստան-սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին)

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ որոշ դէպքերում` դատապարտման գործընթացը արդէն տեղի է ունենում շուրջ հինգ տասնամեակ: Այդ ընթացքում, աւելի քան քսանհինգ պետութիւններ, մի շարք միջազգային քաղաքական եւ ոչ քաղաքական կառոյցներ, բազմաթիւ տեղական կամ նահանգային ինքնակառավարման մարմիններ ճանաչել են եւ որոշ դէպքերում` դատապարտել են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Փաստ է, որ այն օրուանից ի վեր, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը դարձրել է իր արտաքին քաղաքականութեան մասը` մեծացել է թիւը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչող պետութիւնների ու միջազգային կառոյցների:

Այստեղ անհրաժեշտ է, որ մենք ճիշդ գնահատենք այս ճանաչումները: Նրանք, մեծաւ մասամբ, չունեն իրաւական արժէք, այլ` ունեն առաւելաբար քաղաքական նշանակութիւն: Իսկ այդ քաղաքական քայլերի արժէքը ակամայից որոշել է հէնց ինքը` Թուրքիան. ինչքան ուժեղ է հակադարձել նա այդ ճանաչումներին, այնքան բարձրացել է նրանց քաղաքական արժէքը: Իսկ Թուրքիան, գրեթէ առանց բացառութեան, միշտ էլ ուժեղ հակադարձել է:

Ճանաչման այս գործընթացի գլխաւոր նպատակներից մէկը եղել է դիմադրել Թուրքիայի ժխտողական քաղաքականութեանը, մէկ կողմից` արտասահմանում, միւս կողմից` հէնց Թուրքիայի ներսում: Թէեւ արտաքին ճակատում Թուրքիան, կարելի է ասել, տանուլ է տուել կռիւը, բայց նա շարունակում է ժխտողական քաղաքականութիւնը, որոշ փոփոխութիւններ կատարելով իր մարտավարութեան մէջ: Իսկ Թուրքիայի ներսում, այս գործընթացը ունեցել է իր անուրանալի ազդեցութիւնը, թէեւ որոշներ հակառակն են պնդում: Իրականութիւնն այն է, որ ճանաչման այս գործընթացը եղել է հիմնական, բայց` ոչ միակ խթանը, որ մղել է Թուրքիայի հասարակութեանը վերատեսութեան ենթարկելու պետութեան պաշտօնական քաղաքականութեան քարոզածը: Գոյութիւն են ունեցել նաեւ այլ խթանող հանգամանքներ, սկսած` 1975֊1985 թուականներին Թուրքիայի դէմ զինեալ գործողութիւններից, մինչեւ Թուրքիա֊Եւրոմիութիւն մերձեցման գործընթացում ստեղծուած ներքին եւ արտաքին հնարաւորութիւններ` Եւրոխորհրդարանի 1987 թուականի բանաձեւից մինչեւ` Թուրքիայի բնակչութեան տարբեր հատուածների ինքնութեան փնտռտուքի համատեքստում գիտաժողովներ, քննարկումներ, հրապարակումներ ու հրատարակութիւններ:

Թուրքիայում իրադրութիւնը հասել է նրան, որ 2014 թուականից սկսած, ապրիլի 24-ի առիթով, Թուրքիայի այն ժամանակուայ վարչապետն ու ներկայիս նախագահը մաղթում է, որ «20-րդ դարի սկզբին իրենց կեանքը կորցրած բոլոր հայերի հոգիները հանգչեն խաղաղութեամբ, իսկ նրանց թոռներին յայտնում է իր ցաւակցութիւնը»: Թէեւ մէկ առիթով Թուրքիայի ղեկավարը խօսում է «տեղահանութեան» մասին, բայց «ցաւակցութիւնը» այնպիսի ձեւով է յայտնում, որ կարծէք հայերը բնական աղէտի զոհ են գնացել, կամ` նոյն ձեւի կորուստներ են ունեցել նաեւ Թուրքիայի միւս ժողովուրդները` թուրքեր, քրտեր, արաբներ եւ այլն: Բնականաբար, Թուրքիայի ղեկավարի այս յայտարարութիւնները չի կարելի համարել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում Թուրքիայի կողմից. ընդհակառակը, այդ յայտարարութիւնները Ցեղասպանութեան ժխտման աւելի նուրբ մօտեցման դրսեւորում են: Ժխտողական քաղաքականութեան այս նոր մարտավարութեան գլխաւոր յատկանիշն ու նպատակը Թուրքիայի պատասխանատուութիւնից խուսափելն է: Առանց տուրք տալու Թուրքիայի այս նոր մարտավարութեանը, պէտք է արձանագրել, որ Թուրքիան այս մարտավարութիւնը որդեգրել է հարկադրաբար, փորձելով մեղմել Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ճանապարհով իր վրայ աւելացող ճնշումը:

Շուրջ երեք տասնեակ պետութիւնների եւ միջազգային կառոյցների կողմից Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պատճառ չէ, որ այլ պետութիւնների կողմից եւս ճանաչման ուղղութեամբ աշխատանք պէտք չէ տանել. ընդհակառակը, պէտք է շարունակել այդ ուղղութեամբ աշխատանքները, որովհետեւ, ինչպէս ասուեց, այդ ճանաչումները տալիս են իրենց դրական ազդեցութիւնը` Թուրքիայում Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի վրայ: Առաւել, Թուրքիան փորձ է անում, որ մի շարք պետութիւններ կամ նոյնիսկ տեղական ինքնակառավարման մարմիններ, ովքեր ճանաչել են Ցեղասպանութիւնը, փոխեն իրենց այդ կեցուածքը. պէտք է ձախողութեան մատնել այս փորձերը եւս:

Ցեղասպանութիւնը ճանաչած պետութիւններում կամ նահանգային ու տեղական մարմիններում, անհրաժեշտ է առնել տրամաբանական յաջորդ քայլերը, որոնց շարքին` Հայոց ցեղասպանութեան մասին ուսուցումը դարձնել կրթական ծրագրերի մաս, որպէս համաշխարհային պատմութիւնում գրանցուած մարդկութեան դէմ առաջին յանցագործութիւն:

Վերջին 10-15 տարիներին, հայերս փորձել ենք նաեւ, այնտեղ որտեղ կարելի է նման օրէնքներ որդեգրել, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը դարձնել քրէօրէն պատժելի արարք: Այս տարիների փորձը` Ֆրանսիայից, մինչեւ Պելճիքա, մինչեւ Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարան, յուշում է, որ անհրաժեշտ է այս դէպքում մենք մեր մօտեցումներում մտցնենք որոշ փոփոխութիւններ: Նախ պէտք է ճշտենք, ճշգրտենք այն, թէ ի՞նչն ենք ուզում քրէօրէն պատժել, հայութիւնը բնաջնջելու պետական ծրագիրը եւ այդ ծրագրի գործադրութեան փորձը, թէ` այդ ծրագրի ու փորձի որակումը որպէս ցեղասպանութիւն: Հաշուի առնելով այլ նման դէպքերի ժխտման վերաբերեալ օրէնքներն ու ՄԻԵԴ-ի ծանօթ որոշումը (Փերինչէք), կարծում եմ անհրաժեշտ է նախապատուութիւնը տալ պետական ծրագիրը եւ փորձը ժխտող արարքներին, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով նաեւ հէնց Թուրքիայում, Թուրքիայի իսկ օրէնքների հիման վրայ, ռազմական դատարաններում 1919-1920-ին տեղի ունեցած դատավարութիւններին: Այդ դատավարութիւնները, որոնք տեղի են ունեցել Ցեղասպանութեան գործադրութեան ընթացքում, հետեւաբար ունեն նաեւ թերութիւններ, հաստատում են պետութեան պատասխանատուութիւնը կատարուածի համար:

Թէեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը սկսուեց շուրջ 50 տարի առաջ` նաեւ որպէս նախապատրաստութիւն` հատուցման հարցը բարձրացնելու, հայութիւնը հաւաքաբար ընդամէնը մի քանի տարի առաջ սկսեց հատուցման ուղղութեամբ աշխատանքների: Մինչ այդ, չհաշուած Առաջին աշխարհամարտի աւարտին` 1919-ի Խաղաղութեան վեհաժողովին Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան կողմից ներկայացուած հատուցման պահանջագիրը, հայկական տարբեր կազմակերպութիւնների կողմից Ցեղասպանութեան հատուցում ասելով ընդհանրապէս կամ նախ եւ առաջ հասկացուել է տարածքների վերադարձ: Զուգահեռաբար, եղել են անհատների կողմից ուսումնասիրութիւններ հատուցման չափի մասին:

2015 թուականի յունուարի 29-ին հրապարակուած Համահայկական հռչակագիրը «արտայայտում է Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի միասնական կամքը` Հայոց ցեղասպանութեան փաստի համաշխարհային ճանաչման հասնելու եւ ցեղասպանութեան հետեւանքների յաղթահարման հարցում, ինչի համար մշակում է իրաւական պահանջների թղթածրար` դիտելով այն անհատական, համայնքային եւ համազգային իրաւունքների եւ օրինական շահերի վերականգնման գործընթացի մեկնարկէ:

Հայաստանի կառավարութեան 2017-2022 թուականների ծրագիրը այս ուղղութեամբ քաղաքական ուղեգիծ է ճշտում «Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, դատապարտումը եւ ցեղասպանութեան յանցագործութեան կ՛անխարգելումը», թէեւ կառավարութիւնը ձեւաւորած երկու կուսակցութիւններն էլ` ՀՀԿ-ն ու ՀՅԴ-ն, իրենց առանձին նախընտրական ծրագրերում խօսել են աւելիի մասին: ՀՀԿ-ի նախընտրական ծրագիրը ասում է. «շարունակուելու են ջանքերը ցեղասպանութեան յանցագործութիւնների կանխարգելման ու դատապարտման, ինչպէս նաեւ դրանց հետեւանքների վերացմանն առնչուող խնդիրները միջազգային հանրութեան օրակարգում պահելու համար»: Իսկ ՀՅԴ-ը նախընտրական ծրագիրը` «ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի անքակտելի մաս դարձնել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ փոխհատուցման հարցերը»:

Առկայ են տարբեր նախաձեռնութիւններ հատուցման խնդրի ե՛ւ ուսումնասիրութիւն կատարելու, եւ` ինչ-որ գործընթացներ սկսելու ուղղութեամբ: Կենսական է դարձել, այդ ուղղութեամբ բոլոր աշխատանքների համադրումը եւ կոնկրէտ քայլեր ձեռնարկելը: Պէտք է արձանագրել, որ հատուցման հարցը միայն իրաւական գործընթաց չի ենթադրում: Այն ունի նաեւ քաղաքական երես. քաղաքական եւ այլ աշխատանքներով անհրաժեշտ է հատուցման հարցը դարձնել միջազգային հանրութեան օրակարգի նիւթ, սկսելով նրանից, թէ ի՛նչ ենք հասկանում Թուրքիայի կողմից Ցեղասպանութեան ճանաչում ասելով: Այն կը ներառի նաեւ Թուրքիայի կողմից իր պատասխանատուութեան ճանաչում:

Հատուցման ուղղութեամբ կարեւոր քայլ կը լինի, պէտք է լինի, Հայաստանի Հանրապետութեան կողմից 2009 թուականի հոկտեմբերի 10-ի Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններից Հայաստանի ստորագրութեան յետ կանչելը, ինչպէս նաեւ` 2019 թուականի մայիսի 28-ին, պետական մակարդակով նշումը 1919 թուականի մայիսի 28-ի` Միացեալ Հայաստանի հռչակման 100-ամեակի նշումը:

Ցեղասպանութիւնների կանխարգելման ամենաազդու միջոցը` Ցեղասպանութիւն գործած պետութիւններին համապատասխան պատիժի ենթարկելն է: Սա, նաեւ միջազգային հանրութեան պատասխանատուութիւնն է. իսկ միջազգային հանրութեան օրակարգին այն մաս դարձնելը` մեր` հայութեան պարտականութիւնն է:

 

 

Անհրաժեշտ Է Նոր Որակ Տալ Հայաստան-Սփիւռք Գործակցութեան (Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատգամը` Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովին)

0
0

Ջերմօրէն կ՛ողջունենք Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովը «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագրին տակ դնելու ճիշդ որոշումը, եւ կը յուսանք, որ ներկայ համաժողովը կը դառնայ Հայաստան-սփիւռք իրապաշտ երկխօսութեան եւ համահայկական խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու լուրջ քննարկման եզակի առիթ:

Կ՛ողջունենք յատկապէս համաժողովի խորագրին մէջ կարեւոր տեղ գրաւած «վստահութիւն» բառը: Արդարեւ, որեւէ ձեւի ու բնոյթի գործակցութիւն, ուր վստահութիւնը բացակայ է, կը դառնայ կեղծ ու վնասաբեր: Հայաստանի վերանկախացումէն յետոյ երկուստեք սխալներ եղան: Հայաստան եւ սփիւռք զիրար չէին ճանչնար, անվստահութեան մթնոլորտ մը կար, որ իր բացասական հետեւանքները ունեցաւ հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ:

Արդ, աւելի քան 25 տարիներու մեր փորձառութեան լոյսին տակ, փոխադարձ վստահութիւնն ու պատասխանատուութիւնը, աւելի ճիշդ է ըսել` հաւաքակա՛ն պատասխանատուութիւնը, գեղեցիկ լոզունգէ անդին, կեանքի պէտք է վերածուի` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի միջեւ դերերու յստակեցումով, առաջնահերթութիւններու ճշդումով ու գործակցութեան նոր որակ տալով: Ա՛յս է մեր ազգը իր հայրենիքով ու սփիւռքով դէպի պայծառ ապագայ առաջնորդող միակ ապահով ճամբան: Ա՛յս գիտակցութեամբ հարկ է համազգային մտածողութեան մշակոյթ ստեղծել, հաւաքաբար ծրագրել ու գործել: Ա՛յս տեսլականով հարկ է բացուիլ նոր հորիզոններու ու քաջօրէն դիմագրաւել մեզ շրջապատող մարտահրաւէրներն ու տագնապները:

Կը գտնուինք մեր պատմութեան մէկ վճռադրոշմ խաչմերուկին դիմաց: Եկէք` ըլլանք իրապաշտ ու անկեղծ: Հայաստանը կը պարպուի, իսկ սփիւռքը կը մաշի: Այս վտանգալից իրականութեան դիմաց պատահական նախաձեռնութիւններ չեն կրնար մեր տագնապները լուծել եւ վէրքերը դարմանել: Ժամանակի նշանները պէտք է ճիշդ կարդալ, ախտաճանաչումը պէտք է ճիշդ կատարել եւ համապատասխան կողմնորոշումներ ճշդել ու ազդու միջոցներու դիմել: Անհրաժեշտ է Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը դուրս բերել պատահական տնտեսական ներդրումներու ու թուրիստական այցելութիւններու շրջագծէն եւ զայն դարձնել մեր ազգային քաղաքականութեան կարեւոր հիմքերէն մէկը: Ամբողջական Հայաստանի տեսլականը ունենալով մեր ազգային գաղափարախօսութեան հենքն ու նպատակը` ՀԶՕՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ԱՄՈՒՐ ԱՐՑԱԽ ու ԿԱԶՄԱԿԵՐՊ ՍՓԻՒՌՔ պէտք է դառնան մեր ազգային քաղաքականութեան ռազմավարական ու մարտավարական ուղեցոյցը: Ազգային այս գաղափարախօսութեամբ ու տեսլականով ամրագրուած ազգային քաղաքականութիւնը անկասկած իր շուրջ պիտի համախմբէ մեր ազգին բոլոր զաւակները, մարդուժն ու ներուժը, միաժամանակ` մղիչ ուժը դառնալով համահայկական մտածողութեան կազմաւորման ու գործելակերպի զարգացման:

Շրջափակումի ենթարկուած Հայաստանը պատերազմի մնայուն վտանգին դիմաց է: Արդ, Հայաստանի անվտանգութիւնը համազգային առաջնահերթութիւն է, եւ սա առաջին հերթին կը պահանջէ հայրենի մեր ժողովուրդին ամուր կապուածութիւնը իր հողին: Հայրենիքը հող ու ժողովուրդ է` պետութիւն ու տնտեսութիւն ըլլալէ առաջ: Հաւատարմութիւն հայրենիքին նկատմամբ վեր է ամէն տեսակ նկատումներէ: Հետեւաբար անհրաժեշտ է եւ անյետաձգելի` արտագաղթը նուազեցնելու եւ Հայաստանի բնակչութեան թուային աճը ապահովելու ձգտող քոնքրեթ միջոցներու կիրարկումը: Հարկ է ըլլալ զգուշ: Եթէ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացումը ընթանայ համրաքայլ եւ փտածութեան առաջքը առնելը դառնայ դժուար, եւ միւս կողմէ` եթէ ժողովուրդի կենսամակարդակը չդառնայ գոհացուցիչ, արտագաղթը նոյն թափով կրնայ շարունակուիլ եւ աղքատութիւնը դառնալ աղբիւր ամէն տեսակ ընկերային ու բարոյական չարիքներու:

Դիւրին է այս հարցերուն մասին խօսիլը, գիտե՛նք. հեշտ է նաեւ քննադատելը, դարձեա՛լ գիտենք. էականը մեր ցաւերուն դարման որոնելու իմաստութիւնը, կամքն ու յանձնառութիւնը ունենալն է: Արդ, սպասելի է, որ բարեփոխեալ սահմանադրութեամբ դէպի կառավարման աւելի թափանցիկ ու հաշուետու կառոյցներ ու գործընթացներ ընթացող Հայաստանը կարենայ, նաեւ` Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ընձեռած կարելիութիւններու ճիշդ օգտագործումով, լուծումներ որոնել յիշեալ եւ այլ հիմնահարցերու:

Հայաստան եւ սփիւռք սոսկ գործընկերներ կամ գործակիցներ չեն սովորական առումով, այլ` նո՛յն ազգի ու հայրենիքի զաւակներ: Ա՛յս հայեցակէտով պէտք է ծրագրուի ու հունաւորուի Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը: 27 տարիներու ընթացքին մեր ժողովուրդի երկու հատուածներուն միջեւ զարգացած կապերը, իրենց դրական թէ բացասական երեսներով, մեզ պէտք է մղեն տարբեր որակ ու արեւելում տալու մեր գործակցութեան: Տեղքայլը նահանջ է, իսկ նահանջը արտօնելի չէ տագնապներով ու մարտահրաւէրներով շրջապատուած մեր ազգին ու հայրենիքին համար:

Սիրելի՛ հայորդիներ, Հայաստանը զբօսավայր չէ՛, պիզնեսի շուկայ չէ՛, անցագիր չէ՛. վա՜յ մեզի, երբ միայն այսպէ՛ս մօտենանք Հայաստանին: Հայաստանը աշխարհի վրայ ինքզինք հայ դաւանող հայուն տո՛ւնն է` անցեալի, ներկայի ու ապագայի տունը: Մեր հաւաքական տան նկատմամբ ընելիք ու ըսելիք ունինք եւ պէտք է ունենանք: Պիտի հզօրացնենք ու ծաղկեցնենք Հայաստանը մեր ողջ կարողականութեամբ: Սա իւրաքանչիւր հայու սրբազան ուխտը պէտք է դառնայ:

Արդ, մէկ կողմէ բարեսիրական գործերով եւ միւս կողմէ` «Եկէք` պիզնես արէք» ըսելով, որքան ալ գնահատելի ըլլան նման նախաձեռնութիւններ ու կոչեր, չենք կրնար հզօր Հայաստան կերտել: Սփիւռքը պատահական ներդրումներէն անդին` կոչուած է լայնածաւալ ու երկարաշունչ ծրագիրներով մասնակից դառնալու Հայաստանի տնտեսութեան աճման: Սփիւռքի տնտեսական ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործումը եւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ծաւալումը կ՛ենթադրէ գործակցութեան տինամիք մեքանիզմներու ստեղծում` համաշխարհայնացած տնտեսութեան ընձեռած լայն միջոցներու օգտագործումով:

Սակայն Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը միայն տնտեսական շրջագծէն ներս պէտք չէ դիտել: Սփիւռքի դերը Հայաստանի նկատմամբ սոսկ պիզնես ընել չէ: Սփիւռքը մասնագիտութեամբ թրծուած հարուստ փորձառութիւն է, սփիւռքը պահանջատիրական ոգիով շաղախուած երիտասարդութիւն է, սփիւռքը բազմաթիւ ու բազմազան կարելիութիւններով օժտուած հարուստ շտեմարան է: Սփիւռքը անբաժան ու անբաժանելի մասն է հայութեան: Հետեւաբար տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ այլ մարզերէն ներս ծրագրուած գործակցութեան կողքին, անհրաժեշտ է նաեւ լրջօրէն մտածել սփիւռքի փորձագէտները ու մասնագէտները Հայաստանի կառավարման կառոյցներուն գործնապէս մասնակից դարձնելու միջոցներուն մասին: Այս մօտեցումով միայն Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը իր լիարժէք իմաստը կը ստանայ:

Արցախը, բնականաբար նաեւ` Հայաստանը, կը գտնուին ոչ պատերազմ եւ ոչ խաղաղութիւն իրավիճակի մէջ: Այս անորոշ կացութեան երկարաձգումը լուրջ վտանգ մըն է Հայաստանի համար: Թերեւս այսպէ՛ս կ՛ուզեն թէ՛ մեր բարեկամները եւ թէ՛ ոչ բարեկամները` մեկնելով շրջանի իրենց աշխարհաքաղաքական շահերէն: Մեր դարաւոր պատմութիւնը կը վկայէ, որ ազգին ու հայրենիքին փրկութիւնը մեր հաւաքական ուժին մէջն է, եւ մեր հաւաքական ուժին ու վճռակամութեան հարազատ արտայայտիչը հայոց արի բանակն է: Իւրաքանչիւր հայ զինուոր մըն է հայոց բանակին. զինուոր` նիւթապէս նեցուկ դառնալով անոր զօրացման եւ ի պահանջել հարկին` իր արիւնը թափելով ի խնդիր հայրենիքի պաշտպանութեան:

Սփիւռքի վերակազմակերպումը Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է: Ըսած ենք ու կը կրկնենք. սփիւռքի հզօրացումը Հայաստանի հզօրացումն է, եւ` փոխադարձաբար: Հարկ է ըլլալ իրատես ու հեռատես: Եթէ բազմերանգ ու բազմաշերտ դարձած սփիւռքը իր ներուժի ներդաշնակման առաջնորդող հաւաքական ուղեգիծեր չճշդէ, հետզհետէ պիտի ընթանայ դէպի կազմալուծում ու մաշում:

Հայաստանը կարեւոր դեր ունի կատարելիք սփիւռքի հայօրէն վերակենսաւորման, յատկապէս` մշակութային ու կրթական մարզերէն ներս, ինչպէս նաեւ` ազգային միասնականութեան ամրապնդման գծով: Արդարեւ, սփիւռքի հայերուն քաղաքացիութիւն շնորհելը կարեւոր քայլ մըն էր:

Լուրջ տագնապի մէջ գտնուող գաղութի մը, օրինակ, Սուրիոյ հայութեան նկատմամբ Հայաստանի պետութեան ցուցաբերած քաղաքական եւ մարդասիրական աջակցութիւնը այլապէս կարեւոր քայլ մըն էր: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի հռչակագիրը պատմական նշանակութիւն ունէր: Անհրաժեշտ է մէկ ազգի ու հայրենիքի պատկանելիութիւնը ամրագրող քոնքրեթ նախաձեռնութիւնները շարունակել նո՛յն ոգիով ու յանձնառութեամբ: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի համահայկական նշումը վստահաբար նոր շեշտ պիտի տայ մեր ազգային միասնականութեան: Եւ աւելի՛ն. փոխադարձ զիջումներով միացեալ ուղղագրութեան հաստատումը, արեւմտահայերէնի պահպանութեան գծով Հայաստանի պետութեան զօրակցութիւնը անկասկած պիտի դառնան մեր միասնականութեան ամրակուռ սիւները:

Սակայն չմոռնանք երբեք, որ ազգ մը միացնողը, ամրացնողը ու յաւերժացնողը իր հոգեւոր, բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներն են: Հետեւաբար թոյլ չտանք, որ մեր ազգին արժէքները ապականին, մեր արժէքներու համակարգը խախտի: Արդարեւ, մեր ազգին մտահոգութիւններն ու կարելիութիւնները լուրջ քննարկումի ու համակարգումի ենթարկող եւ ազգային միասնականութեան տեսանելի արտայայտութիւն տուող Համազգային խորհուրդի մը ստեղծումը կը նկատենք անյետաձգելի հրամայական:

Այսօրը ծրագրել կը նշանակէ վաղը երաշխաւորել: Ազգին տան հիմքը ամրացնելը կ՛ենթադրէ ազգին բեկորները ի մի խմբող վստահութիւնը ամրապնդել ու ներուժը զօրաշարժի ենթարկել: Այլապէս սոսկ լոզունգներ հնչեցնելով` փակ օղակներու մէջ պիտի մնանք: Չվստահինք աշխարհաքաղաքական շահերով պայմանաւորուած ուրիշներու բարեկամութեան: Վստահինք մեր սեփական ուժին ու միասնականութեան, մեր հաւատքին ու վճռակամութեան: Յ. Շիրազի բառերով` «Բա՛ւ է հայեր ցրուած մնաք մատներիս պէս. բռունցքուելն է յաւերժութիւնը Հայաստանի»: Ա՛յս է դարերէն եկող ու դարերուն գացող պատգամը հայոց պատմութեան:

 

 

Մայր Հայաստանը Բոլոր Հայերի Հայրենիքն Է` Անկախ Քաղաքական Եւ Այլ Կողմնորոշումներից. Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ելոյթը Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական 6-րդ Համաժողովին

0
0

Ուրախ եմ բոլորիդ ողջունելու համայն հայութեան մայրաքաղաք Երեւանում` Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համահայկական համաժողովի շրջանակներում: Արդէն բարի աւանդոյթ է դարձել Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի համայնքների եւ կառոյցների այս ներկայացուցչական համաժողովի պարբերաբար անցկացումը մայր հայրենիքում, որի ընթացքում բոլորս միասին քննարկում ենք իրականացուող ծրագրերի ընթացքը եւ նախանշում նոր նախաձեռնութիւնների մեկնարկը տարբեր ուղղութիւններով:

Ձեզանից շատերը հեռուից երկար ճանապարհ են կտրել դէպի քաղաքամայր Երեւան: Ոմանց անգամ պէտք է եղել երեք-չորս ինքնաթիռ փոխել` այսօր այստեղ գտնուելու համար, իրենց համայնքի պատգամը, յոյզերն ու հարցադրումները բերելու համար: Ջերմօրէն ողջունում եմ բոլորիդ եւ բարի գալուստ եմ մաղթում մայր Հայաստան:

Համաժողովի երկու օրերի ընթացքում այստեղ, անշուշտ, կը քննարկուեն կարեւոր մարտահրաւէրներ եւ կը նախանշուեն նոր հնարաւորութիւններ Հայաստան աշխարհի եւ հայ ժողովրդի ապագայի համար: Վստահ եմ, որ քննարկումների առանցքում պահելու էք մեր հայրենիքի շէնացման եւ արդար, զարգացած ու համերաշխ երկիր կառուցելու բոլորիս ընդհանուր տեսլականը:

Արագ զարգացող աշխարհում փոխւում ենք նաեւ մենք` ողջ հայ ժողովուրդը: Փոխւում են` սփիւռքի համայնքները, եկեղեցին, համայնքային եւ համահայկական կառոյցները եւ, հետեւաբար, փոխւում է նաեւ մեր օրակարգը: Հայաստան-սփիւռք համաժողովները պատեհ առիթ են կարեւոր հանգրուաններում միմեանց շունչը զգալու համար:

Նախորդ համաժողովին լսուեցին շատ կարծիքներ, եղան մի շարք արժէքաւոր առաջարկութիւններ, որոնց մի մասն արդէն վերածուել է ընթացիկ ծրագրերի: Նախորդ համաժողովի ընթացքում, օրինակ, հաւանութեան արժանացաւ Համահայկական խորհուրդ ձեւաւորելու գաղափարը, ի մի բերուեցին Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքների վերացման վերաբերեալ իրաւական մի քանի թղթածրարներ եւ այլն:

Ի հարկէ, լաւ գաղափարները դառնում են նախաձեռնութիւններ, իսկ դրանք արդէն պէտք է վերածուեն ծրագրերի եւ գործողութիւնների: Սովորաբար գաղափարներ ու նախաձեռնութիւններ հնչեցնելը շատ աւելի հեշտ է, քան` դրանք իրականացնելը:

Այժմ, անշուշտ, հասունացել է մեր անցած ճանապարհն ամենայն ուշադրութեամբ ուսումնասիրելու պահը: Դրան զուգահեռ, առաջարկում եմ այս համաժողովն օգտագործել որպէս Հայաստան-սփիւռք ռազմավարական երկխօսութեան հարթակ, որտեղ միասնականութեան եւ բազմակարծութեան ոգով անցկացուող քննարկումների արդիւնքում կը ծնուեն ապագային միտուած նոր գործողութիւնների ծրագրեր` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի համայնքների զարգացման ու հզօրացման համար:

Կասկածից վեր է, որ Հայաստանի երրորդ հանրապետութիւնն անհամեմատ ուժեղ է սփիւռքի աւանդական կառոյցների միջազգային համայնքում համարկուած մեր հայրենակիցների ջանքերի շնորհիւ: Մենք բարձր ենք գնահատում բոլորիդ եւ իւրաքանչիւրիդ ներդրումը: Հայաստանում եւ Արցախում այսօր գոյութիւն ունեն բոլոր հնարաւորութիւնները առաջին հերթին մեր հայրենակիցների ինքնադրսեւորման, հանրային, հասարակական կամ մասնաւոր ոլորտներում յաջողութիւններ գրանցելու եւ, ի վերջոյ, աւելի լաւ երկիր կառուցելու մեր ջանքերին գործնական աշխատանքով կամ բարի խորհրդով օժանդակելու ձեր մղումը կեանքի կոչելու համար:

Սիրելի՛ բարեկամներ,

Որքան էլ մենք գնահատենք աւանդական կառոյցների եւ փորձառու նուիրեալների ջանքերը, կ՛ուզէի յիշեցնել բոլորիս, որ առանց երիտասարդութեան, առանց նոր սերնդի կառուցողական ներգրաւման` մեր ջանքերը լիարժէք չեն լինելու: Ուստի, խօսքս այս պահին ուղղում եմ մեր պայծառ երիտասարդութեանը:

Սփիւռքի տարբեր համայնքներում, պայմանաւորուած համաշխարհայնացող աշխարհի միտումներով, յատկապէս երիտասարդութեան շրջանում ստուարանում են իրենց բազմացեղային բնորոշող անհատների շարքերը: Մենք պէտք է յատուկ ուշադրութիւն դարձնենք այս միտումներին եւ նոր ծրագրեր մշակենք մեր երիտասարդութեան մշակութային եւ մասնագիտական զարգացումը ապահովելու, նրանց ինքնութիւնը հարստացնելու համար:

Այս առումով յատուկ դրուատանքի են արժանի սփիւռքի նուիրեալների ջանքերով Հայաստանում մասնագիտական փորձաշրջաններ, երիտասարդական հաւաքների հնարաւորութիւններ ընձեռող կազմակերպութիւնները: Մենք պէտք է հարստացնենք մեր կեանքը թէ՛ Հայաստանում ու Արցախում, թէ՛ սփիւռքի տարբեր համայնքներում` երիտասարդների համար` հէնց իրենց իսկ ուժերով:

Կարեւոր եմ համարում ընդգծել եւս մէկ, յաճախ թիւրընկալուող հանգամանք. մեր պապերից ժառանգած միասնականութեան պատգամը երբեք չի նշանակել միակարծութիւն կամ մեծամասնութեան կարծիքը անհատի մտքի նկատմամբ գերադասելու անհրաժեշտութիւն: Թէ՛ Հայաստանում, թէ՛ սփիւռքում մենք ողջունում եւ գնահատում ենք բազմակարծութիւնը, ինչը կարեւոր պայման է նորը ստեղծելու համար:

Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան կոչը պէտք չէ դիտուի որպէս ինքնուրոյնութեան հականիշ: Ընդհակառակը, համագործակցաբար, ուս ուսի տուած եւ միայն տարբեր մօտեցումների համադրմամբ մենք կարող ենք հասնել արդիւնաւէտ լուծումների: Մեր ուժը մեր բազմակարծութեան մէջ է:

Իւրաքանչիւր արտասահմանեան ուղեւորութեան ժամանակ ես բաց չեմ թողնում տեղում հայ համայնքի ներկայացուցիչների հետ հանդիպելու առիթը: Բոլոր այդ հանդիպումներն առանձնացել են յատուկ ջերմութեամբ, եւ մեծ հպարտութիւն եմ զգացել` տեսնելով մեր քոյրերի ու եղբայրների յաջողութիւնները: Ամէն տեղ ես տեսել եմ հպարտ հայեր, ովքեր պահպանել են իրենց ազգային դիմագիծը եւ ամէն ինչ անում են մեր ընդհանուր հարուստ ժառանգութիւնը սերնդեսերունդ փոխանցելու համար:

Իւրաքանչիւր հանդիպման ժամանակ ես տեսել եմ, որ ամէն համայնք ունի իր յատուկ դիմագիծը: Իւրաքանչիւր հանդիպման ժամանակ ես դիմել եմ ձեզ եւ խնդրել` պահպանել հայկական ինքնութիւնը եւ միաժամանակ լինել ձեր երկրի լաւագոյն քաղաքացին, մերժել ուծացումը, բայց միեւնոյն ժամանակ լաւագոյնս համարկուել:

Հայաստան-սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի համար ընտրուած քննարկումների չորս ուղղութիւնները լաւ հարթակ են մեր ընդգրկուն օրակարգի խնդիրները վերհանելու, լուծումներ քննարկելու, տարբեր պետական, հասարակական եւ համահայկական կառոյցների ջանքերը համադրելու ու սերտ գործակցութեան նոր ուղղութիւններ հաստատելու առումով:

Յարգելի՛ բարեկամներ,

Նախորդ երեք տարիների ընթացքում Հայաստանի կեանքում տեղի են ունեցել նշանակալի իրադարձութիւններ: Այժմ գտնւում ենք լիարժէք խորհրդարանական կառավարման անցնելու ճանապարհին: Սա նշանակում է, որ նոր հնարաւորութիւններ են ստեղծւում երկրի հասարակական-քաղաքական կեանքին մասնակցելու եւ ապագայի հանդէպ պատասխանատուութիւն ստանձնելու առումով:

Կոչս առաջին հերթին ուղղուած է մեր այն հայրենակիցներին, ովքեր տարիներ ի վեր ճանապարհներ են փնտռել զարգացման եւ բարեփոխումների իրենց գաղափարները Հայաստանում լսելի դարձնելու համար: Հիմա եկել է գաղափարները կեանքի կոչելու ժամանակը:

Ինչպէս գիտէք, 2015 թուականի դեկտեմբերի 6-ին Հայաստանում համապետական հանրաքուէով ընդունուեցին սահմանադրութեան փոփոխութիւնները, որոնք յեղափոխական բարեփոխումների հիմք են դարձել մեր պետական կառավարման, հանրային կեանքի եւ քաղաքական բնագաւառներում: Հայաստանը փոխւում է, դառնում աւելի բաց, ճկուն եւ ժողովրդավար:

Փոխւում են նաեւ մեր քաղաքացիները, քաղաքական եւ հասարակական կեանքը` դառնալով աւելի օրինապաշտ եւ կազմակերպուած: Ժողովրդավարութեան խորացման, օրէնքի գերակայութեան, իշխանութիւնների պատասխանատուութեան, քաղաքական կուսակցութիւնների եւ քաղաքացիական հասարակութեան հասունութեան իրողութիւններն են, որ պէտք է անընդհատ կատարելագործենք:

2017 թուականի ապրիլի 2-ին տեղի ունեցան հերթական խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք անցան աննախադէպ թափանցիկութեան, եւ միջազգային մասնագիտական կառոյցների բարձր գնահատականներ ստացած նոր Ընտրական օրէնսգրքի հիման վրայ: Միջազգային եւ տեղական դիտորդները բարձր գնահատեցին ժողովրդավարութեան կառուցման ճանապարհին այս ձեռքբերումը, որը, ի հարկէ, հնարաւոր չէր լինի առանց հասուն քաղաքացու, իրենց պատասխանատուութիւնը գիտակցող քաղաքական ուժերի, արմատաւորուող երկխօսութեան մշակոյթի եւ միջազգային մեր գործընկերների քաղաքական եւ ֆինանսական աջակցութեան:

Միս ու արիւն ստացող սահմանադրական նոր կարգը լաւ հիմք է քաղաքական երկխօսութեան մշակոյթը ամրացնելու, քաղաքական կուսակցութիւններն ու քաղաքացիական հասարակութիւնը ուժեղացնելու եւ օրինականութեան հանդէպ յարգանքը մեր երկրում խորացնելու եւ անշրջելիօրէն արմատաւորելու համար: Կարեւոր է նաեւ, որպէսզի մենք պայմաններ ստեղծենք բոլոր հնարաւոր ժամանակակից միջոցներով սփիւռքի մեր եղբայրներին եւ քոյրերին Հայաստանի իրական կեանքին ծանօթացնելու համար` անկախ նրանց կուսակցական կամ քաղաքական նախասիրութիւններից: Միայն առարկայական իրականութիւնը եւ միմեանց կարիքները հասկանալով մենք կարող ենք ստեղծել ներառական եւ իրական օրակարգ:

Հայրենակիցնե՛ր,

Ամփոփելով անկախութեան քսանհինգ տարիների ձեռքբերումներն ու բացթողումները` 6-րդ գումարման Ազգային ժողովի անդրանիկ նիստում մենք հրապարակեցինք գալիք 25 տարիների հիմնական գերակայութիւնների մասին մեր պատկերացումները: Հայաստանի ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւումը հիմնական շեշտադրումներից մէկն էր այդտեղ:

Մենք արձանագրում ենք, որ ժողովրդագրական միտումները մեր երկրում խիստ մտահոգիչ են եւ հետեւանք են քառորդդարեայ առարկայական եւ ենթակայական բազմաթիւ գործօնների: Առաջիկայ բոլոր տարիների մեր քայլերն ուղղուելու են Հայաստանում բնակչութեան բնական աճի կշռոյթի աւելացմանը, արտագաղթի եւ ներգաղթի յարաբերակցութեան էապէս վերափոխմանը:

Մենք յայտարարել ենք, որ մեր նպատակն է, որպէսզի Հայաստանը 2040 թուականին ունենայ առնուազն 4 միլիոն բնակիչ: Ակնյայտ է, որ միայն ծնելիութեան մակարդակի աւելացման, մարդկանց կեանքի տեւողութեան երկարացման եւ ժողովրդագրական պատկերը բարելաւող միւս քայլերով մենք այդ նպատակին դժուարութեամբ կը հասնենք` չնայած այդ ուղղութիւններով հաստատակամօրէն առաջ ենք գնալու: Հետեւաբար նպատակադրումը ենթադրում է գալիք 25 տարիների ընթացքում դէպի Հայաստան ներգաղթի լուրջ ցուցանիշների ձեռքբերում:

Հէնց այս խնդրի իրականացումն է դառնալու, իմ կարծիքով, գալիք մի քանի Հայաստան-սփիւռք համաժողովների քննարկման հիմնական թեման: Մինչեւ յաջորդ համաժողով մենք կ՛աւարտենք բոլորիս անելիքների քարտէզագրումը, կը բիւրեղացնենք ինչպէս մեր միասնական քայլերի տրամաբանութիւնը, այնպէս էլ սփիւռքի իւրաքանչիւր համայնքին բաժին ընկնող նպատակների ու անելիքների համալիրը:

Յաջորդ Հայաստան-սփիւռք համաժողովը լինելու է «4 միլիոնանոց Հայաստան» ծրագրի համահայկական քննարկման հաւաքն ու դրա իրականացման ընթացքի իրական սկիզբը: Սա պայմանաւորւում ենք հէնց հիմա այստեղ:

Հայաստանեան եւ համահայկական կառոյցները արդէն երկար ժամանակ համակարգուած աշխատանք են տանում սփիւռքի համայնքներից դէպի հայաստանեան կեանք երիտասարդ մասնագէտների, գործարարների հայրենադարձութեանը օժանդակելու համար, ինչի համար երախտապարտ ենք նրանց: Կարծում եմ, որ մենք հասունացել ենք հայրենադարձութեան կազմակերպման հարցի շուրջ լրջօրէն քննարկում ծաւալելու համար:

Սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ,

Ցաւօք, անցած երեք տարիներին շարունակուեց լարուածութիւնը մեր տարածաշրջանում:

2016-ի ապրիլին մեր ժողովրդին նորից պարտադրուեց պատերազմ, եւ մենք նորից պատուով դիմագրաւեցինք հակառակորդի կողմից նախնադարեան մտածողութեան արգասիք վայրագութեանը: Այսօր մենք պէտք է դրուատենք մեր զինուորների եւ սպաների անձնուիրութիւնը, հերոսութիւնը եւ մարտական ոգին, բայց պէտք է չմոռանանք, որ կարճատեւ պատերազմում մենք ունեցանք նաեւ կորուստներ: Փա՛ռք ու պատիւ մեր զինուած ուժերին:

2016-ի ապրիլին մենք կրկին ցոյց տուեցինք աշխարհին մեր միասնականութիւնը եւ հայի անկոտրում ոգու ուժը: Մենք համախմբուեցինք, լարեցինք մեր ուժերը մարտի դաշտում, որպէսզի այնուհետեւ ամրագրենք մեր շահերը բանակցութիւնների սեղանի շուրջ: Ազրպէյճանի վայրագութիւնների վերաբերեալ միջազգային դատարանները, համոզուած եմ, դեռ իրենց վճիռները կը կայացնեն:

Հայաստանի եւ Արցախի զինուած ուժերն են այսօր այս անկայուն տարածաշրջանում անվտանգութեան եւ խաղաղութեան երաշխաւորը, եւ համաշխարհային հանրութեան առջեւ մենք կատարում ենք մեր միջազգային պարտաւորութիւնները: Հայ զինուորն է այստեղ պահպանում խաղաղութիւնը` իրականութեան հետ կապը կորցրած հարեւան երկրի իշխանութիւնների դէմ: Ազրպէյճանի իշխանութիւնների կողմից հայատեացութեան քարոզը երկրի ներսում եւ այդ քարոզչութիւնը միջազգային ասպարէզ արտահանելու փորձերը ստեղծում են մի վիճակ, երբ հայ հասարակութիւնը` Արցախում, Հայաստանում ու սփիւռքում, աւելի է կարծրացնելու փոխզիջման պատրաստ իր դիրքորոշումը:

Չի կարող լինել որեւէ կայուն խաղաղութիւն, մինչեւ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը չհամակերպուի միջազգային հանրութեան կողմից ամրագրուած սկզբունքների գոյութեան հետ: Մենք համոզուած ենք, որ միջազգային խաղաղութեան պահպանման եւ հակամարտութիւնների կանխարգելման համար կարեւոր է մարդու իրաւունքների, այդ թւում` ժողովուրդների իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքների իրացումը, քանի որ գրեթէ բոլոր դէպքերում այդ իրաւունքի սահմանափակումը առաջացնում է քաղաքական ճգնաժամ եւ ապա` պատերազմ:

Վերջին տասնամեակում, ինչո՞ւ ոչ, անգամ 1994-ի մայիսից շատ է խօսուել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, կարգաւորման տարրերի եւ սկզբունքների մասին: Դուք էլ այս համաժողովի ընթացքում անկասկած կը քննարկէք խնդիրը` դիտարկելով այն բոլոր հնարաւոր տեսանկիւններից:

Անհրաժեշտ եմ համարում արձանագրել, որ պետութեան դիրքորոշումը մնացել է նոյնը` Արցախի Հանրապետութեան բնակչութիւնը ունի սեփական երկրում ազատ, անկախ եւ անվտանգ ապրելու բնական իրաւունք, եւ պարբերաբար անցկացուող հերթական ընտրութիւններով, պետական կայուն համակարգով, զարգացող տնտեսութեամբ ու հայրենասէր քաղաքացիների ջանքերով ամէն օր իրացնում է իր այդ իրաւունքը:

Արցախի քաղաքացիների կողմից իրենց անօտարելի իրաւունքի իրացումը պատմական փաստ է: Մնացեալ հարցերը կարելի է կարգաւորել խաղաղ բանակցութիւնների միջոցով: Տարիների ընթացքում, չնայած բոլոր տեսակի քաղաքական առասպելներին, մենք ապացուցել ենք, որ այս ուղուց մեզ շեղել հնարաւոր չէ:

Յարգելի՛ գործընկերներ,

Անկայուն իրավիճակը մեր սահմաններին նախեւառաջ մեզ ստիպում է աւելի աչալուրջ լինել արտաքին վտանգների նկատմամբ եւ ինքնակազմակերպուել մեր երկրում` կառուցելով աւելի արդիւնաւէտ պետական կառավարման համակարգ` շարունակելով ուժեղացնել ժողովրդավարական հիմնարկները, ամրապնդելով եւ զարգացնելով տնտեսութիւնը: Այս բարդ տարածաշրջանում մենք դեռ պարտադրուած ենք ապրելու շրջափակման մէջ:

Չնայած մեր բարի կամքին, բոլոր միջազգային գործընկերների կողմից բարձր գնահատուած քաղաքական խիզախութեանը` Թուրքիան հրաժարուեց կեանքի կոչել 2009 թուականին ստորագրուած ցիւրիխեան երկու արձանագրութիւնները: Աւելի՛ն. փորձեց Հայաստանին պատանդ պահել այդ ստորագրութիւններին` մէկ անգամ եւս աշխարհին ապացուցելով, որ այս տարածաշրջանում խաղաղութիւն հաստատելը այդ երկրի ներկայիս վարչակազմի շահերից չի բխում:

2015 թուականի փետրուարի 16-ին ես յետ կանչեցի ստորագրուած արձանագրութիւնները Ազգային ժողովի օրակարգից: Նոյն տարում ՄԱԿ-ի բարձր ամբիոնից ես արդէն յայտարարել եմ այս հարցի առնչութեամբ Հայաստանի վերջին խօսքը, եւ այդ իմ դիրքորոշումը չի փոխուել:

Տեսնելով Թուրքիայի շարունակական ուրացումը, որը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրէին դարձաւ պարզապէս արհամարհանք` ժամանակակից քաղաքակրթութեան արժէքների նկատմամբ, կարծում եմ` միջազգային հանրութիւնը եւ հայկական սփիւռքը այլեւս պէտք է հետամուտ լինեն նոր ռազմավարութեան:

Աշխարհի շատ առաջատար երկրներ արդէն իսկ ճանաչել եւ դատապարտել են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս երկրներում ապրող մեր հայրենակիցները կարող են հպարտութեամբ հռչակել իրենց յաղթանակը, եւ այդ հպարտութեամբ կարող ենք աշխատել այդ երկրների հետ նոր օրակարգի ձեւաւորման ուղղութեամբ:

Արդի աշխարհի փոփոխութիւնների ընդհանուր պարունակում մենք պէտք է նորովի դիտարկենք մեր սփիւռքի «փափուկ ուժը» եւ հանրային դիւանագիտութեան կարողութիւնները` պաշտօնական դիւանագիտութիւնը առաւել զօրացնելու համար: Հայաստանի նորընտիր Ազգային ժողովին ուղղուած իմ ուղերձում արդէն ներկայացրել եմ խորհրդարանական դիւանագիտութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացմանն ուղղուած սկզբունքների ներդրման կարեւորութիւնը, որը, անշուշտ, աւելի զօրեղ կը դառնայ սփիւռքի անհատների եւ կառոյցների աջակցութեամբ:

Վստահ եմ, որ սփիւռքի եւ հայրենիքի ներուժի շարունակական բացայայտման ջանքերը նոր լիցք կը տան Համահայկական խորհրդի ձեւաւորմամբ: Այս համաժողովը նշանաւորւում է նաեւ այդ խորհրդի ձեւաւորմանն ուղղուած եւս մէկ որոշիչ քայլով: Այսօր մենք ի մի կը բերենք նախորդ երկու տարիներին կատարուած նախապատրաստական աշխատանքները եւ 1918 թուականի մայիսեան հերոսամարտերի եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 100-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնների շրջանակներում կ՛ընդունենք վերջնական որոշում:

Սիրելի՛ բարեկամներ,

Սփիւռքի բոլոր շերտերի հետ փոխադարձ ներգրաւուածութիւնը քաջալերելը, սփիւռքում հայապահպանութեանն աջակցելը, արտակարգ իրավիճակներում յայտնուած մեր հայրենակիցներին, յատկապէս սիրիահայութեանը հնարաւորինս աջակցութիւն տրամադրելը եւ համակարգումը եղել է պետական քաղաքականութեան առանցքում: Անկախութեան 26 տարիների ընթացքում մեր գործարար համայնքի ներկայացուցիչները բազում նուիրատուութիւններ եւ բարեգործութիւններ են իրականացրել Հայաստանում եւ Արցախում: Ներդրումներ են արուել նաեւ մեր լուսաւոր ապագայի մէջ` ի դէմս «Թումօ», «Սմարթ» կենտրոնների եւ այլն:

Հիմա մենք ասում ենք, որ մի քայլ առաջ պէտք է անենք եւ դէպի Հայաստան ուղղենք նաեւ սփիւռքի այն ներդրումային ուժը, որը ցանկանում է գործարարութեամբ զբաղուել եւ շահոյթ ստանալ` զուգահեռաբար շէնացնելով մեր երկիրը, աշխատատեղեր ստեղծելով, աջակցելով ընկերային դրամագլխի զարգացմանը եւ ի վերջոյ` հայրենադարձութեանը: Այդպիսի ոգեւորիչ բազմաթիւ օրինակներ մենք արդէն ունենք այսօր:

Դրա համար Հայաստանում ստեղծուած են բոլոր անհրաժեշտ պայմանները եւ ներդրումային միջավայրը: Սփիւռքահայ մեր քոյրերի ու եղբայրների ներգրաւումը թոյլ կը տայ նաեւ հարստացնել ու զարգացնել մեր հայաստանեան գործարար մշակոյթը, կը բարձրացնի երկրի գրաւչութիւնը արտաքին շուկաների համար, ընկալելիութիւնը` աշխարհում, կը բազմապատկի մեր հարստութիւնը: Կառավարութիւնը բոլոր պիզնես ծրագրերին, անկախ ներդրումային ծաւալից, ամենայն աջակցութիւն ցուցաբերելու յանձնառութիւն է ստանձնել:

Ոտքերի վրայ ամուր կանգնած մեր հայրենիքը այսօր ուժ եւ կամք ունի վերջապէս մշակելու Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնների ռազմավարական զարգացման հայեցակարգը:

Այն դաշտը, որի վրայ մենք պէտք է կառուցենք հայրենիք-սփիւռք համագործակցութիւնը` ուժեղ եւ զարգացած Հայաստան, անկախ եւ անվտանգ Արցախ, սփիւռքի կազմակերպուած համայնքներ ունենալու տեսլականն է` հայկականութեան ոգով, եռանդով եւ հային բնորոշ մտքի թռիչքով:

Մայր Հայաստանը բոլոր հայերի հայրենիքն է` անկախ քաղաքական եւ այլ կողմնորոշումներից: Մենք ճանաչում եւ արժեւորում ենք սփիւռքն իր բազմաշերտ էութեան մէջ: Վերջին տարիներին տարբեր առիթներով ես հանդիպել եմ մեծ յաջողութիւնների հասած կամ դեռ այդ ճանապարհին գտնուող բազմաթիւ երիտասարդների, տեսնում եմ նրանց աւիւնը իրենց հայրենիքին օգտակար լինելու հարցում: Մենք պէտք է նոր ուղիներ գտնենք նրանց ներգրաւուածութիւնը ապահովելու համար:

Մեր սփիւռքի գաղթօճախները բազմազան են եւ ոչ միատարր` կախուած նրանից, թէ ե՛րբ եւ ի՛նչ պատճառներով են ձեւաւորուել: Միատարր չեն թէ՛ իրենց պատմական փորձով եւ թէ՛ քաղաքական հայեացքներով: Իւրօրինակ լինելով` ցանցերը միմեանց հետ պէտք է շաղկապուեն եւ համագործակցեն թէ՛ իրենց հիւրընկալ երկրներում յաջողութեան հասնելու, թէ՛ մայր Հայաստանի ապագան կառուցելու նպատակով:

Յարգելի՛ գործընկերներ,

Խօսելով սփիւռքի ապագայի, տարբեր համայնքներում ինքնութեան պահպանման, մշակութային զարգացման եւ օտար հասարակութիւններում ներգրաւուելու ու յաջողութեան հասնելու մասին, անշուշտ պէտք է նկատի ունենանք աշխարհում տեղի ունեցող կարեւոր փոփոխութիւնները եւ քայլենք ժամանակին համընթաց:

Համընդհանուր գաղթականական միտումները վերաբերում են նաեւ Հայաստանին ու աշխարհասփիւռ հայ համայնքներին: Տեղի է ունենում մարդկանց մեծ խմբերի գաղթ ոչ միայն նախկին համայնավարական ճամբարի երկրներից դէպի աւելի հրապուրիչ աշխատաշուկայ ունեցող երկրներ, այլեւ Մերձաւոր Արեւելքի երկրներից դէպի` Քանատա, Միացեալ Նահանգներ ու Եւրոպա:

Մենք այսօր ականատես ենք, թէ ինչպէս է փոխւում հէնց սփիւռքի կայացած համայնքների կառուցուածքը: Այո՛, մենք տեսնում ենք, որ Հայաստանը եւ հայկական տարբեր համայնքներ դարձել ենք հաղորդակից անօթներ: Մեր խնդիրն է, որ այդ շփումները եւ հաղորդակցութիւնը գան զարգացնելու եւ զօրացնելու ինչպէս Հայաստանը, այնպէս էլ աշխարհի ցանկացած անկիւնում գտնուող հայ համայնքը:

Մենք անխուսափելիօրէն քննութեան առարկայ պէտք է դարձնենք հայի ինքնութեան հետ կապուած հարցերը: Ուրախ եմ, որ այս հարցադրումը տեղ է գտել այս համաժողովի օրակարգում: Համոզուած եմ, որ հայրենիքից դուրս հայի ինքնութեան պահպանման կարեւորագոյն գրաւականը հզօր, զարգացող ու արդար Հայաստանն է:

Սա է այն ձգողական եւ կենսատու ուժը, որը առաւել հզօրացնում է մեր քոյրերին եւ եղբայրներին իրենց բնակութեան երկրներում: Ի հարկէ, ինչպէս եզրակացրել էին «Գիւլբենկեան» հիմնադրամի հովանու ներքոյ իրականացուած մի հետազօտութեան հեղինակները, այս ընթացքում մենք պէտք է յատուկ ուշադրութիւն դարձնենք եւ մշտական հոգածութիւն ներքոյ պահենք գոյութիւն ունեցող համահայկական եւ համայնքային կառոյցների զարգացումը եւ ներառական բնոյթի նախաձեռնութիւնների իրականացումը:

Պէտք է նկատենք, որ անկախութեան հռչակումից յետոյ փոխուել է նաեւ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնների տրամաբանութիւնը եւ ուժականութիւնը: Նախորդ 26 տարիների ընթացքում մենք դեռ իւրացնում էինք անկախ պետականութիւն ունենալուց բխող բոլոր հնարաւորութիւնները եւ բացայայտում գործակցութեան նոր հորիզոններ:

Հայաստանը լինելու է աշխարհին լիարժէք համարկուած, ուժեղ, զարգացած ու հպարտ երկիր: Սա է մեր տեսլականը:

 

 

Viewing all 12047 articles
Browse latest View live