Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12085 articles
Browse latest View live

Չմոռցուելու Համար Այրում Են Նաեւ Աստուծոյ Տաճարը. Մասնագէտն Արձագանգում Է Ոչ Մասնագէտի Անմասնագիտական Յայտարարութեանը

$
0
0

Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեանի կատարած գրառումը` հայոց լեզուի մասին արժանացաւ բաւական թէժ քննարկումներու: Մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ Բագրատեանը հայոց լեզուի մասին, կատարած էր բացարձակ բացասական որակումներ` աղքատ, այլ լեզուներու բաղդատմամբ քիչ բառապաշար ունեցող, եւ այլն:

Ստորեւ` լեզուագէտ Եուրի Աւետիսեանի արձագանգը, որ գիտական առումով պարզապէս կ՛ընդգծէ, որ յատկապէս մասնագիտական տուեալ ոլորտին չտիրապատելու պարագային պէտք է խուսափիլ բացարձակ եւ այս պարագային` անճիշդ գնահատականներ տալէ:

«Ա.»

Կարելի է նաեւ չարձագանգել ոչ մասնագէտի անմասնագիտական փորձին: Բայց ձախողուած փորձը մեզանում բազմանալու վատ յատկութիւն ունի:

Տնտեսագէտ չեմ: Բայց անպայման տպաւորութիւնը ունեմ, որ Հրանտ Բագրատեանը իր ուրոյն տեղն ունի մեր տնտեսագիտական մտքի եւ առհասարակ տնտեսական քաղաքականութեան մշակման մէջ:

Քաղաքականութիւնն էլ, ցաւօք, իր հերթին ունի բնաւորութեան ուրոյն որակներ. երբեմն հրապարակից վտարում – մոռացութեան է մատնում իր գործի մէջ նաեւ որակ ունեցողին:

Չմոռացուելու համար այրում են նաեւ աստծոյ տաճարը: Այս դէպքում յարմար է թուացել… մայրենի լեզուն: Հակառակ դէպքում` տնտեսագիտութեան դոկտորը հազիւ թէ կարող էր չիմանալ կամ հրապարակաւ հանդէս գալուց առաջ չճշդել, որ`

1.- Է. Աղայեանի «Արդի հայերէնի բացատրական բառարան»-ը (Եր., 1976) պարունակում է ոչ թէ 75.000 բառ, այլ երկու անգամ աւելի` 135.600 բառ եւ 11.000 դարձուածաբանական միաւոր` 14.000-ով աւելի, քան` ռուսաց լեզուի (ոչ թէ ռուսական) ակադեմական բառարանում:

2.- «Այսօր մեր լեզւում կայ շուրջ 100.000 բառ»,  յայտարարում է Բագրատեանը: Իրականում այդ թիւը հասնում է 350.000-ի (Արդի հայերէնի բացատրական նոր քառահատոր բառարանը ստեղծուած է եւ արդէն տասը տարի է` սպասում է իր հովանաւոր-հրատարակչին), ասել է թէ` պարունակում է 100.000-ով աւելի բառ, քան, օրինակ, ըստ տնտեսագէտի բերած տուեալների, գերմաներէնը: Եւ բառերի քանակը, անշուշտ, դրանով չի սահմանափակւում. ամէն օր հայերէնում ստեղծւում կամ փոխառւում են տասնեակ նոր բառեր: Բառապաշարի, այսպէս կոչուած, չափման մեթոտաբանութիւնը իսկապէս յստակեցուած չէ. հայերէնի յարակատար եւ ենթակայական դերբայական ձեւերի համարժէքները ռուսերէնում, օրինակ, համարւում են բառային միաւորներ` բառեր, կամ եթէ տեղանուններից -եցի, -ացի կամ նման մասնիկներով կազմուած միաւորները հաշուարկուեն որպէս առանձին բառեր, ապա հայերէնի բառապաշարը արագօրէն կը հատի անգլերէնին վերապահուած 999.985-ի սահմանը. հայերէնը ցանկացած տեղանունից ստեղծում է նոր բառ (երեւանցի, լոնտոնցի, էլռիատցի), մինչդեռ անգլերէնում նոյնը արտայայտւում է բառակապակցութեամբ:

3.- Գիտութեան տուեալներով, հայերէնը համառօտութեամբ աշխարհի լեզուների մէջ գրաւում է միջին դիրք. ճափոներէնը, ասենք, աշխարհի, այսպէս կոչուած, երկարաբան լեզուներից է, բայց դա բնաւ չի խանգարում երկրի տնտեսագիտական միտքը այդ լեզուով լաւագոյնս կերտելուն:

4.- Գրողի գործածած բառապաշարը պէտք չէ շփոթել նրա ստեղծած բառերի քանակի հետ. Պուշկինը ոչ թէ «ռուսաց լեզուն հարստացրել է 24.000 բառով», այլ ընդամէնը իր երկերում գործածել է 21.290 բառ, այնպէս, ինչպէս Գրիգոր Նարեկացին միայն «Մատեան»-ում գործածել է 7000 բառ, իսկ «Նոր բառգիրք հայկազեան լեզուի» բառարանում Նարեկացիով վկայուած բառերի (ասել է թէ` նրա ստեղծած բառերի) թիւը 1800 է, Յովհաննէս Շիրազը ստեղծել է 2.000-ից աւելի նոր բառեր (թէեւ դրանց մի մասը բառարանային գրանցում չունի եւ չի կարող ունենալ դիպուածային լինելու պատճառով), Պարոյր Սեւակի երկերի բառապաշարի հարստութիւնը 26.600 բառ է (տե՛ս Ա. Պապոյեան, «Հայագիտական հետազօտութիւններ», Եր., էջ 459): Բառերի առաւելագոյն գործածութիւն ունեցել է Ճէյմս Ճոյսը «Ուլիսես»-ում` 30.000 բառ:

5.- Լեզուի հարստութիւնը բառերի սոսկական քանակով որոշելը չունի գիտական հիմնաւորում: Հայերէնը աշխարհի հարուստ լեզուներից է` պայմանաւորուած նաեւ ձայնական հարստութեամբ («…եթէ նուագայնութեամբ զիջում է իտալերէնին ու ճափոներէնին, ապա առաջ է գերմանական ու սլաւոնական լեզուներից» (Պ. Պօղոսեան, «Խօսքի մշակոյթի եւ ոճագիտութեան հիմունքներ», գիրք առաջին, Եր., 1990, էջ 127) ու քերականական կառուցուածքի ճկունութեամբ: Այլ խնդիր է, որ նոյնիսկ ոչ մասնագէտին յայտնի պատճառներով մեզանում գիտութեան առանձին ճիւղերի եզրաբանութիւնը տակաւին բաւարար չափով մշակուած չէ: Մեր լեզուն գործնականում ունի նոր բառեր կերտելու եւ առհասարակ զարգանալու անսպառ հնարաւորութիւններ:

6.- Նոյն գրութիւնը հայերէնից անգլերէնի փոխադրելիս պակասում է մօտ 15%-ով, սակայն գերմաներէնի փոխադրելիս նոյն չափով աւելանում է: Երեւոյթը ունի գիտական բացատրութիւն. պայմանաւորուած է լեզուների առանձնայատկութեամբ եւ ոչ թէ` աղքատութեամբ: Հակառակ պնդումը ապագիտական է: Այլ խնդիր է, որ հայերէնի ոչ բաւարար իմացութիւնը կարող է պատճառ դառնալ երկարաբանութեան, ինչպէս` «Իրենից ներկայացնում է իւրօրինակ մի համակարգ» = «Իւրօրինակ մի համակարգ է», «Հիմք են հանդիսանում կարգաւորման համար» = «Կարգաւորման հիմք են», «Հարցի վերաբերեալ կան կարծիքների եւ տեսակէտների բազմազանութիւն, տարատեսակութիւն» = «Հարցի վերաբերեալ կան տարակարծութիւններ» եւ այլն (մանրամասն տե՛ս «Հայոց լեզու եւ խօսքի մշակոյթ», Եր., 2016):

7.- Հայերէնը մշտապէս հարստանում է փոխառութիւններով (մագիստատուրա, հիպոթէք, ալեանս, պլանշետ, վայբեր, իմպլանտ, գոլֆ, ասամբլեա, բեսթսելլեր, վայֆայ եւ այլն) եւ աւելի յաճախ օտար բառերը փոխարինում է հայերէն յաջող համարժէքներով (ամնիստիա-համաներում, իդենտիֆիկացիա-նոյնականացում, ռեգլամենտ-աշխատակարգ, ինտերնետ-համացանց, գրանտ-դրամաշնորհ, սպելեոլոգիա-անձաւագիտութիւն, վեբսայթ-կայք(էջ), սինխրոն լող-գեղալող եւ այլն):

Համակարգիչ-ը միանգամայն յաջող համարժէք է: Պատճէնուած է ֆրանսերէնից (ordinateur):

Բոլոր դէպքերում, այս կարգի հարցերը պէտք է քննարկուեն մասնագիտական դաշտում: Հակառակ դէպքում` անյիշութիւնը (այս դէպքում` մոռացումը) անխուսափելի է:


Քաղաքական Անդրադարձ. Թուրքիոյ Քաղաքական Զէնքը` Սուրիոյ Մէջ Սուրիացի Թիւրքմենները

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Էրտողանի կառավարութիւնը, ներշնչուած` իր օսմանական արտաքին քաղաքականութենէն, յարմար առիթը գտաւ օգտագործելու Սուրիոյ հիւսիսը բնակող թիւրքմենները` հաւասարակշռելու համար քրտական ազգայնականութիւնը եւ կանխարգիլելու որեւէ քրտական պետութեան ստեղծման ծրագիր:

Ըստ ոչ պաշտօնական տուեալներու, Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Իտլիպի գաւառներուն մէջ կը բնակին մօտ 100.000-200.000 թիւրքմեններ: Թրքական աղբիւրներ կը պնդեն, որ անոնց թիւը կը հասնի մօտ 1 միլիոնի: Միջին Արեւելքի թիւրքմենները կապ չունին Կեդրոնական Ասիոյ թիւրքմենիստանցիներուն հետ: Անոնք թուրքեր են, որոնք Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծումէն ետք չվերադարձան Թուրքիա, մնացին նախապէս իրենց բնակած հողերուն վրայ եւ Լոզանի դաշնագիրով ստացան քաղաքացիութիւն: Անոնք հաստատուած են Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի տարբեր շրջաններուն մէջ: Թիւրքմենները Միջին Արեւելքի մէջ հաստատուեցան 19-րդ դարու վերջաւորութեան, երբ 1877-1878 ռուս-թրքական պատերազմին պատճառով մեծ թիւով թրքական ցեղեր գաղթեցին Կովկասէն:

2014-ի Քեսապի դէպքերուն շատ լսեցինք թիւրքմեններու դերակատարութեան եւ դրացի հայ հողատէրերուն ու գիւղացիներուն դէմ անոնց դաւադրութիւններուն մասին: Անոնք առաջնորդեցին իսլամական զինեալները` հսկայ դերակատարութիւն ունենալով Քեսապի գրաւման եւ հայերուն տուները աւերելու ու հրկիզելու մէջ: Այսօր թիւրքմենները ազդու ներկայութիւն ունին Ազեզի եւ Ճարապլոսի մէջ. վերջինս կը կը գտնուի թրքական զօրքերու հսկողութեան տակ` Հալէպի հիւսիսային շրջանը, Թուրքիոյ հետ սահմանին մօտ:

16 յունիս  2016-ին քրտական Ժողովուրդի ազատագրութեան բանակը մտաւ Թել Ապիատ եւ շրջանը մաքրեց ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներէն, բայց Թուրքիան, որ ոչ մէկ շարժում ըրաւ, երբ շրջանի թիւրքմենները ՏԱՀԵՇ-ի տիրապետութեան տակ էին, յանկարծ սկսաւ ռմբակոծել քրտական դիրքերը: Սակայն քիւրտերը չնահանջեցին, եւ Թել Ապիատի միջոցով Քոպանին միացաւ Ճեզիրէին: Ճարապլոսի խնդիրով Թուրքիա արագ շարժեցաւ եւ թուրք կամաւորներու (մեծամասնութիւնը Գորշ գայլերու անդամներ էին) ու թրքական գաղտնի սպասարկութեան միջոցով զինեց թիւրքմենները: Քոպանիի եւ Աֆրինի միջեւ կան մօտ 150 թիւրքմենական գիւղեր: Մայքլ Քնափ, Անժա Ֆլաշ եւ Էրկան Այպոկա իրենց «Ռոժաւայի յեղափոխութիւնը» խորագրեալ գիրքին մէջ կը նշեն, որ Սուրիոյ մէջ թիւրքմենները ունին մօտ 10.000 զինեալներ, որոնց շարքին կան նաեւ թուրքեր, անոնց ամէնէն զօրաւոր ստորաբաժանումը «Սուլթան Մուրատ»-ն է, որ հիմնուած է 2013-ին եւ ներկայիս ունի մօտ 1300 զինեալ, կը գործակցի սալաֆական խմբաւորումներու հետ: Անոր կողքին կան նաեւ «Ալփ Արսլան»-ի, «Սուլթան Մեհմետ»-ի եւ «Սուլթան Սելիմ»-ի անուններով, ինչպէս նաեւ տասնեակ մը թիւրքմենական այլ ջոկատներ, որոնք տարածուած են հիւսիսային Լաթաքիոյ, Հալէպի, Հոմսի եւ Իտլիպի մէջ: 2015-ին այս ջոկատները միացան մէկ հրամանատարութեան տակ, եւ ստեղծուեցաւ Միացեալ թիւրքմենական բանակը (Պիրլեշիք թիւրքմեն օրտուսու)` Ահմետ Արտաւութի գլխաւորութեամբ:

Այս կազմակերպութիւններուն ամէնէն նշանաւոր գործողութիւնը եղաւ 2014-ի Լաթաքիոյ յարձակումը, որուն թիրախներէն մէկը կարճ ժամանակաշրջանի մը համար դարձաւ նաեւ հայկական Քեսապը: Տարի մը ետք Լաթաքիոյ մէջ հիմնուեցաւ «Լեռնային թիւրքմեններու բանակը», որուն հիմնադիր-ղեկավարն է թրքական ազգայնամոլական Գորշ գայլեր կազմակերպութեան անդամ Ալփ Արսլան Չելիք, որուն զօրագունդի անդամներուն թիւը, ըստ իր տուեալներուն, կը հասնի 2000 զինեալի: Սուրիացի թիւրքմեններէն բացի` անոնց մէջ կան թուրքեր, ազրպէյճանցիներ, ուզպեքներ եւ այլ թուրքական ցեղեր, իրենց մէջ հաւասար չափով գերակշռող է թէ՛ թուրանական ազգայնականութիւնը եւ թէ՛ իսլամականութիւնը:

Ներկայիս պայքար կը մղուի քիւրտերուն կողմէ` տիրանալու Ճարապլոսին: Քրտամէտ Ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան բանակի ղեկավարներէն Սիփան Հեմօ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան տրուած իր հարցազրոյցին մէջ վստահեցուց, որ Ճարապլոսի ազատագրութիւնը միայն ժամանակի խնդիր է: Իբրեւ հակազդեցութիւն` թրքական հրասայլեր եւ ստորաբաժանումներ ներխուժեցին դէպի Ազեզ` պաշտպանելու համար թիւրքմենական դիրքերը: Ճարապլոսը թէ՛ քիւրտերուն եւ թէ՛ թուրքերուն համար ունի ռազմավարական դիրք: Թրքական ուժերը նեխուժելով Ճարապլոս վերջ տուին քրտական երազին` միացնելու քրտական երեք շրջանները իրարու (Աֆրին, Քոպանի եւ Ճեզիրէ): Ճարապլոս կը գտնուի Աֆրինի եւ Քոպանիի միջեւ: Քիւրտերուն համար դէպի Աֆրին ճամբայ ունենալը անվտանգութեան եւ գոյատեւման հարց է: Բազմաթիւ ձեռնարկներու ընթացքին, երբ հանդիպած եմ քիւրտ անձերու, ինծի ըսած են, որ Աֆրինին միանալով եւ Սուրիոյ հիւսիսային սահմանը իրենց վերահսկողութեան տակ պահելով` անոնք Թուրքիան կը զրկեն արաբական աշխարհի հետ սահման ունենալէ եւ Աֆրինի միջոցով կրնան յառաջ անցնիլ դէպի Լաթաքիա, այսինքն` Միջերկրականի ծովափ ու առեւտուրի ելք ունենալ Արեւմուտքին հետ: Ճիշդ այս պատճառով ալ, նախքան որ քիւրտերը շարժին դէպի Ժարապլոս, թրքական զօրքերը եւ իրենց սուրիացի եւ թիւրքմեն դաշնակիցները կը պատրաստուին պաշարելու, ապա ներխուժելու Աֆրին` վերջ դնելու քրտական երազներուն:

2016-ին քրտական ջոկատները, տիրանալով Թել Ապիատին, երկու քրտական շրջանները`  Ճեզիրէն (Գամիշլիի եւ Հասաքէի նահանգները) եւ Քոպանին միացուցին իրարու: Ըստ երեւոյթին, Ճարապլոսին տիրելը այդքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ:  Եւ այստեղ է, որ իմ կարծիքովս պիտի գծուի հիւսիսային Սուրիոյ աշխարհաքաղաքական քարտէսը: Բազմաթիւ աղբիւրներ կը նշեն, որ հաւանաբար իրանցիները եւ ռուսերը Թուրքիոյ կանաչ լոյս տան յարձակելու Աֆրինի վրայ, որպէսզի տկարացնեն կամ նոյնիսկ չէզոքացնեն ամերիկեան քաղաքական եւ ռազմական ազդեցութիւնը այդ տարածքին վրայ, որ ներկայացուած է քիւրտերուն միջոցով: Այս օրերուն, երբ Թուրքիա պետական եւ ժողովրդային մակարդակներու վրայ կը տօնէ Մանազկերտի ճակատամարտը, որ պատահեցաւ 1071-ին եւ վերջ գտաւ սելճուքներու յաղթանակով ու բիւզանդացիներուն պարտութեամբ` ճամբայ բանալով Փոքր Ասիոյ թրքացման, քիւրտերը շատ լաւ գիտեն, որ ժամանակին իրենց նախահայրերը հսկայ դերակատարութիւն ունեցան այդ պատերազմին: Ներկայիս Ճարապլոսի ճակատամարտը կրնայ դառնալ մեր ժամանակակից Մանազկերտը, բայց այս անգամ` վերջ դնելով թուրանական-օսմանական երազներուն:

Yeghia.tash@gmail.com

 

Վարձքդ Կատա՛ր, Տիկի՛ն Մալիքեան…

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Անցնող շաբաթներուն սպասեցի, որ Համազգայինի ընտանիքէն մէկը, այսինքն` ճեմարանական, ուսուցչակազմ, աշակերտ, ուսանող, նախկին ճեմարանական, պաշտօնակից, յաջորդական կեդրոնական վարչութիւններ, կրթական մարմիններ, հրատարակչատուն, գոնէ մէկը բան մը գրէր տիկին Լուսին Մալիքեանին մասին, սակայն` ի զուր: Նկատի ունենալով, որ մէկը չգրեց, ստիպուած այս պարտականութիւնը ես ստանձնեցի:

17 յունիս 2017-ին Մարսէյի մէջ իր մահկանացուն կնքեց Լուսին Մալիքեանը:

Անոր հետ առաջին հանդիպումս 1984-ի վերամուտին էր: Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ գործող հայագիտական ամպիոնի յարկին տակ, ուր  մանկավարժական կարճ դասընթացք մը տուաւ: Կեանքով լեցուն, խանդավառ, դրական ներուժ ունեցող, մթնոլորտ եւ պատգամ փոխանցող անձնաւորութիւն մը: Սփիւռքի բոլոր գաղթօճախները օգտագործած են իր պատրաստած դասագիրքը` «Փոքրիկ Անին», «Պետիկն ու գայլը» եւ անոնց տետրակները` «Գոյն ու գիծ», «Ձեւ եւ թիւ» եւ «Գիծ ու գիր» հատորները:

Անձնապէս ճեմարանաւարտ չեմ եւ Ճեմարանի մանկապարտէզը չեմ եղած, սակայն տարիներ ետք, երբ զաւակներս Ճեմարանի մանկապարտէզէն անցան, տակաւին կար ու կը շարունակուէր Լուսին Մալիքեանի շունչը, ուսուցման իր յատուկ մեթոտները, սկզբունքներն եւ օրէնքները: Տակաւին բազմաթիւ են անոր ներդրումներն ու ձգած դրոշմը` մանկապարտէզի ուսուցչուհիներու վերաորակաւորման դասընթացքներու թափը, Ճեմարանի մէջ հայոց լեզուի արմատաւորումն ու միայն հայերէնով մեծնալու իր սկզբունքը, «Փոքրիկ Անի»-ին ու «Պետիկն ու գայլը»-ի նախաձեռնութիւնը, տասնեակ տարիներ մանկապարտէզէն լաւ յիշատակներով լի սերունդները, Համազգայինի Ճեմարանը իր տունը սեպելը եւ Համազգայինի Ճեմարանին համար զոհողութիւններ վերցնելը: Նոյնիսկ լռելեայն Մարսէյի Ճեմարանի նախաձեռնութեան հիմնական պատճառներէն մէկը անոր Մարսէյ գտնուիլն էր: Տիկին Մալիքեանի շունչը եւ ոգին կը բաւէին, որ նոր ճեմարան մը հիմնուէր Եւրոպայի ափերուն:

Այսօրուան այս մակերեսայնութեան թափին մէջ բնականաբար յիշատակները մոռացութեան կ՛ենթարկուին: Սակայն վստահ եղիր, որ ամբողջ սփիւռքի մէջ ցիրուցան եղած քու զաւակներդ, այսինքն` աշակերտներդ, իւրաքանչիւրը իր սրտին մէջ ունի քեզմէ անուշ յիշատակ մը:

Ժպիտդ անմար մնայ:

 

Ծառայասէր, Օրինակելի Եւ Տիպար ՀՄԸՄ-ական Եղբայր Ճոնի Արեւեան (1943-2017)

$
0
0

Մենք ամէնքս հիւր ենք կեանքում
Մեր ծննդեան փուճ օրից,
Հերթով գալիս, անց ենք կենում
Էս անցաւոր աշխարհից:
Անց ենք կենում… միայն անմահ
Գո՛րծն է խօսում լաւ ու վատ,
Ա՜խ երանի ով մա՛րդ կը գայ
Ու մարդ կ՛երթայ անարատ:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

ՀՄԸՄ-ականներէն եւ հայ ժողովուրդէն բաժնուելով, խաղաղասէր եւ տիպար ՀՄԸՄ-ական Ճոնի Արեւեան անվերադարձ կը լքէ բոլորս` յաւիտենական կեանքի լոյսն ու խաղաղութիւնը վայելելու:

ՀՄԸՄ-ական եղբայրներու իրերայաջորդ բաժանումները դէպի անդենական, կը շարունակուին:

Վիշտով իմացանք մահուան գոյժը, ՀՄԸՄ-ականներուն համար շատ սիրելի, միշտ տագնապող, հաւատաւոր եւ երկար տարիներու նախկին ատենապետ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղին` ապա ՀՄԸՄ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, նաեւ` ՀՅԴ-ի «Քրիստափոր» կոմիտէի երկար տարիներու նախկին հերթապահ Ճոնի Արեւեանի:

Հողին կը յանձնենք մարմինը եղբայր Ճոնիին, որուն համար ցանկութիւն էր իր սիրած հայենիքին ու իր պատկանած կազմակերպութեան համար նուիրուիլը:

Ճոնի Արեւեան ծնած է Բեթլեհեմ, 1943-ին: Պաղեստինեան պատերազմին պատճառով, փոքր հասակին, ծնողաց հետ կը փոխադրուի Սուրիոյ Հալէպի հայահոծ քաղաքը, տասը տարի ետք կը փոխադրուի ապա Լիբանանի Պէյրութ քաղաքի արեւմտեան կողմի Զարիֆ թաղը:

Կը պսակուի Մարի Պագալեանին հետ, եւ անոնք կը բախտաւորուին երեք զաւակներով` Անի, Ժիրայր եւ Արմէն:

Նախնական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Մխիթարեան վարժարանին մէջ, որմէ ետք երկրորդական ուսումը շարունակած է Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճ յաճախելով: Աւարտելէ ետք ստացած է հաշուապահութեան վկայականը:

Ան իբրեւ արաբերէնի ուսուցիչ` պաշտօնավարած է Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանին մէջ: Ապա աշխատած է «Մալիֆեր քորփորէյշըն» եւ «Թոշիպա» ընկերութիւններուն մէջ, ապա 1970-ին կը պաշտօնավարէ «Քրետի Լիպանէ» դրամատան մէջ:

Իբրեւ հաւատարիմ դաշնակցականի` իրեն կ՛առաջարկուի պաշտօնավարել 1970-ին հիմնուած Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին մէջ, որ կը ստանձնէ եւ կը շարունակէ 32 երկար տարիներ, այլ խօսքով` մինչեւ 2002:

Եղբայր Ճոնին հաւատարիմ մնաց իր խոստումին` շարունակելով մեծապէս օգտակար դառնալ իւրաքանչիւր հայ անհատի, որ դիմած էր իրեն եւ ստացած անոր ակնկալած նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը:

Փոքր տարիքին կը միանայ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի շարքերուն իբրեւ գայլիկ եւ արի:

Լիբանան հաստատուելէն ետք սկաուտական գործունէութիւնը կը շարունակէ ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղին մէջ` իբրեւ արի, ապա կը հասնի խմբապետի աստիճանին, նաեւ նոյն ժամանակամիջոցին կը ստանձնէ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային ընդհանուր սկաուտութեան խմբապետութիւնը:

Կազմակերպած է միջ-ՀՄԸՄ-ական զանազան բանակումներ` Լիբանանի մէջ եւ այլուր, ի մասնաւորի` Կիպրոսի եւ Յունաստանի մէջ:

1975-ին, սկաուտական շարքերը ամբողջացնելէ ետք, կը շարունակէ միութենական գործունէութիւնը ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի սկաուտական խորհուրդին եւ ապա Շրջանային սկաուտական խորհուրդին մէջ:

Իբրեւ գործունեայ եւ ՀՄԸՄ-ի երկրպագուն` այս անգամ կ՛անդամակցի Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի վարչութեան մէջ, որմէ ետք կը դառնայ ատենապետը սոյն վարչութեան 1980-ական եւ 2000-ական թուականներուն:

1990-ին կ՛ընտրուի ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ եւ կը նշանակուի Շրջանային սկաուտ խորհուրդի ներկայացուցիչ եւ յետոյ 2000-2004 կը վարէ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետութիւնը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ մասնակցած է բազմաթիւ ընդհանուր եւ պատգամաւորական ժողովներու:

Երկար տարիներ ան մաս կազմած է Լիբանանի սկուտական ֆետերասիոնին` իբրեւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ եւ գանձապահ:

Ան մաս կազմած է նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, դարձեալ` ներկայացուցիչ ՀՄԸՄ-ի:

Եղբայր Ճոնին ՀՄԸՄ-ի «Ծառայութեան շքանշան»-ին կ՛արժանանայ 2008-ին:

1975-ին Ճոնին իր երդումը կը կատարէ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը մուտք գործելով: Կ՛ընտրուի կոմիտէի անդամ` ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի մէջ:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, երկար տարիներ կը վարէ հերթապահի պաշտօնը` ՀՅԴ-ի «Քրիստափոր» կոմիտէի մէջ. եղած է Արեւմտեան Պէյրութի հայութեան պաշտպանութեան պատասխանատուն:

2010-ին, փոխանցուած է ՀՅԴ-ի «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութիւն` մինչեւ իր մահը:

Այս տխուր առիթով ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի բոլոր քոյրերն ու եղբայրները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն անոր կնոջ, զաւակներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն:

Վա՛րձքդ կատար, սիրելի՛ եղբայր, հիւրընկալ այս հողը թեթեւ գայ քու յոգնատանջ ուսերուդ:

Սիրելի՛ եղբայր Ճոնի, ակնածանքով եւ երախտագիտութեամբ պիտի յիշենք քեզ, հանգիստ ու խաղաղօրէն ննջէ:

Խունկ ու մոմ` անթառամ յիշատակիդ:

«Յիշատակն արդարոց օրհնեալ եղիցի»:

ՀՄԸՄ-Ի «ՊԷՅՐՈՒԹ»-Ի ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Ճոնիներուն Վաստակը Կը Հարստացնէ… (Ճոնի Արեւեանի Յիշատակին)

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Մարդուս հոգեվիճակը երբեմն տարօրինակ կացութիւններ կը ստեղծէ. կը կարծես, որ պատահած տխուր բանի մը, առյաւէտ բաժնուած ընկերոջ մը մասին չգրելը կամ չմտածելն անգամ քեզ զերծ կը պահեն դառն իրականութեան ներգործութենէն: Ի վերջոյ, սակայն, բանականութիւնը կը յաղթանակէ, եւ կը սկսիս մտածել, որ դառն իրականութիւնը պէտք է դիտել աչքերուն մէջ նայելով, իսկ եթէ տրտմութիւն մեղմելու ձեւեր կան, անոնցմէ մէկն ալ հեռացած ընկերոջմէդ ունեցած լաւ յիշատակներուն վերաքաղն ընելն է, յիշել, որ անոր հետ ծանր եւ ուրախ օրեր ապրեր ես, նման յուշեր մաս կը կազեն աննիւթական հարստութեանդ…

Նման տրամադրութիւն մը համակած էր զիս այն օրէն, երբ «Ազդակ»-ի էջերուն կարդացի Ճոնի Արեւեանի մահուան գոյժը: Մարդկային ուղեղը հետաքրքրական դարակներ ունի. կը կարծես, որ շատո՜նց անոնց մէջ արձանագրուած յիշատակներ` դէպքեր ու դէմքեր մնացած են քողի տակ, եւ սակայն անոնք օր մը յանկարծ քանի մը ակնթարթի մէջ կը շարուին մտապաստառիդ վրայ եւ քեզ կը տանին տարիներ, տասնամեակներ ետ, դէպի լաւ ու ծանր օրեր: Այդպէս ալ եղաւ Ճոնիին պարագային. եւ ինչ որ հոս պիտի արձանագրեմ հակիրճ կերպով, միայն մէկ մասնիկն են յիշատակներու դարանի համայնապատկերին:

… 60-ականներու վերջերուն, քանի մը հասակակիցներու հետ անդամակցեցայ ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան եւ սկսայ մասնակից ըլլալ հերթական ժողովներուն, որոնք տեղի կ՛ունենային քաղաքի հին Ժողովրդային տան մէջ, Ս. Նշան եկեղեցւոյ ետեւի վայրէջքին, Ֆարաոնի պալատին դրացնութեան մէջ. կիսաւեր կառոյց մըն էր շէնքը, որուն ակումբի բաժինը ունէր խորհրդաւոր պատկերներ` բարձրադիր զինանշանով ու անմահներու լուսանկարներով, կեդրոնի սրահին վրայ բացուող քանի մը սենեակներով: Հրեաներու թաղին վրայ կախուած պատշգամը ելլել արգիլուած էր, որովհետեւ կրնար որեւէ ատեն փուլ գալ: Սրահի անկիւնի մէկ սենեակը Երեսփոխանական գրասենեակ կը կոչուէր. երբ ժողովը սկսած կ՛ըլլար, կը նկատէինք, որ կապուտաչեայ եւ քիչ մը շէկի զարնող մազերով երիտասարդ մը, թեւին տակ թղթածրարներ, դէմքին ժպիտ մը ուրուագծած` անաղմուկ կ՛անցնէր ժողովականներուս կողքէն ու այդ սենեակը կը մտէր: Շուտով սորվեցանք անոր անունն ու պաշտօնը. Ճոնի Արեւեան, գրասենեակին գործավարը: Ան այդ պաշտօնը շարունակեց տասնամեակներ շարունակ, երբ հին Ժողովրդային տունը եղաւ «Արա Երեւանեան» ակումբ, յետոյ նաեւ տեղափոխուեցաւ «արեւելեան» շրջան:

«Զաւարեան»-ի մէջ անունով նոր ծանօթացած առաջին ընկերներէս ու ընկերուհիներէս էր Մարի Պագգալեանը, որովհետեւ վարչութեան քարտուղարուհին էր եւ ամէն ժողովի սկիզբը կը կատարէր անուն առ անուն ներկայութեան ստուգումը, կը կարդար ատենագրութիւն եւ… կը զգացնէր, որ իրեն վստահուած պարտականութիւնը սովորական բան չէ, եւ ինք ամենայն լրջութեամբ կը կատարէ զայն:

Նորեկի անհամարձակութիւնս հազիւ թէ առիթ կու տար, որ բարեկամութիւն կամ սերտ կապեր հաստատեմ նման պատասխանատուութիւններ շալկած ընկերներու եւ ընկերուհիներու հետ. Ճոնին ու Մարին միակը չէին յամենայն դէպս: Կեանքի այդ փուլին, տարիքի փոքր տարբերութիւնը դժուար անցանելի պատուար մը կը թուէր: Քանի մը տարի ետք, պիտի զգայինք, որ այդ տարբերութիւնը հալած-գացած է, եւ կարելի է մտերմութիւն մշակել նաեւ տարեցին ու կրտսերին հետ…

Քանի մը տարի ետք, Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմ»-ի նախօրեակին, միութենականներս պիտի իմանայինք, որ Ճոնին ու Մարին ընտանիք կը կազմեն: Ճոնին կը շարունակէր պաշտօնավարել ակումբին մէջ, իսկ մեր ընկերուհին ամերիկեան համալսարանէն ստացած էր հիւանդապահուհիի վկայականը եւ լծուած` մարդասիրական խորքով այդ ասպարէզին: Այնուհետեւ ան եղաւ ու մնաց Մէյրի Արեւեան, որուն կարելի էր դիմել հիւանդանոցային աշխարհին մէջ մասնագէտ կամ դիւրութիւն ունենալու համար: Եւ այսպէս, տարիներ ու տասնամեակներ շարունակ անոնք շարունակեցին սպասարկել մեր ժողովուրդին ու մարդկութեան` ձեւով մը ընտանեկան միջավայրէն անդին լծակից դառնալով իրարու, իւրաքանչիւրը իր գործին բերումով:

Յետոյ վրայ հասան «քաղաքացիական պատերազմ»-ի տարիները, որոնք ի շարս ուրիշ ընկերներու, զիս ալ տարին «արեւմտեան» Պէյրութ` իբրեւ աշխատակից «Ազդակ»-ի: Մայրաքաղաքի երկու գօտիներուն միջեւ երթեւեկի անապահովութիւնը հարկադրած էր, որ մամուլի աշխատակիցներէս շատեր կիսաբնակութիւն հաստատենք «Արա Երեւանեան» ակումբի երկրորդ յարկի սենեակներուն մէջ, նաեւ հոն ընէինք նախաճաշ, ճաշ, երբեմն նաեւ ընթրիք` սեղանակից ունենալով ակումբի պահակ տղաքն ու կարգ մը պատասխանատուներ:

Ճոնին ալ, գրասենեակի իր պաշտօնին կողքին, պատասխանատութիւններ ունէր Ժողովրդային տան յարկին տակ, ընդհանրապէս` անաղմուկ: (Ամիսներ ետք Ճոնին ալ մէկն էր այն ընկերներէն, որոնք դասաւորեցին, որ «Ազդակ»-ի տղաքը բնակութիւն հաստատեն ակումբին մօտակայ այն բնակարաններուն մէջ, որոնք պատերազմական պայմաններուն պատճառով լքուած էին ու կը մնային գրաւուելու ու կողոպտուելու վտանգին տակ): Սակայն ամէն մարդ գիտէր, որ իր պաշտօնին բերումով ելեւմուտք ունէր պետական տարբեր գրասենեակներ, կապեր հաստատած էր քաղաքական տարբեր շրջանակներու հետ ու լուսարձակներէ հեռու կը կատարէր իրեն վստահուած պարտականութիւնները, որոնց մասին սովորութիւն չունէր խօսելու, ոչ ալ «լիբանանցիացաւ»` տարբեր իմաստով…

Այդ օրերը առիթ ընծայեցին, որ մինչ այդ միայն բարեւով ու հպանցիկ խօսակցութիւններով ծանօթներս օրէ օր իրարու մօտենանք, բարեկամանանք ու մտերմանանք: Երբ Ճոնին ակումբի սրահը մտնէր, կապոյտ աչքերէն ճառագայթող ժպիտը մեզ առաջին ողջունողը կ՛ըլլար, կը յաջորդէր զուարթախոհ, բայց զուսպ խօսակցութիւն մը, յետոյ կ՛երթար գործին:

Յետմիջօրէի մը, անոր ժպիտը աւելի յորդուն էր, որովհետեւ «թիկնապահով» մը եկած էր ակումբ. նոր քալել սկսող աղջնակը բերած էր հետը: Քանի մը տարի ետք, հպարտանքը կրկնապատկուեցաւ, մանչուկն ալ երբեմն դարձաւ ընկերակից. բնական էր, որ զաւակները պիտի հետեւէին ծնողներու քայլերուն, պիտի դառնային «ակումբի անդամ», պիտի դառնային նաեւ ՀՄԸՄ-ական…

Տագնապի տարիներուն, նաեւ` անկէ ետք, Ճոնին կազմակերպական պատասխանատուութիւններու կոչուեցաւ թէ՛ կուսակցութեան եւ թէ՛ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքներուն մէջ: Իր անմիջական գործակիցներն ու պաշտօնակիցները կրնան վկայել, թէ ինչպիսի՛ հաւատարմութեամբ եւ օրինապահութեամբ կատարեց իր պարտականութիւնները, որքան որ ներեցին իր կարողութիւնները: Ակումբին դրացնութեան մէջ եղող իր բնակարանը այս իմաստով առաւելութիւն եւ դիւրութիւն ընծայող գործօն մըն էր: Երբ Ճոնի ըսուէր, ոչ ոք կը կասկածէր, որ Արեւեան Ճոնիին մասին էր խօսքը (հոս կ՛արժէ փակագիծ մը բանալ յիշելու համար երկրորդ Ճոնի մը` Հայտոսթեանը, որ աչքը բացած էր ակումբին մէջ, ծառայեց ակումբին, միացաւ «Ազդակ»-ին եւ սեւ օր մըն ալ ակումբի բակին մէջ զոհ գնաց արձակազէնի մը փամփուշտին. սակայն ան ճանչցուած էր «Պզտիկ Ճոնի» անունով, որովհետեւ բոլորին միտքին մէջ յստակ էր, որ երէցը Արեւեանն էր):

Այնքան ատեն որ «Ազդակ» լոյս կը տեսնէր «արեւմտեան» շրջանի տպարանէն, Ճոնիին հետ հանդիպումները գրեթէ առօրեայ էին: Դէպի խմբագրատուն ճամբուս վրայ զինք յաճախ կը տեսնէի Ճոզիկեաններու խանութին առջեւ («Բագին»-ի խմբագրատան շէնքին մօտ). պահ մը պիտի բարեւէինք Ճոզիկեան եղբայրերուն, օրուան վիճակին մասին պիտի զրուցէինք եւ պիտի երթայինք մեր գործերուն: Ու պատահական չէր, որ Նշան Ճոզիկեանին կորուստը տարբեր ազդեցութիւն ունեցաւ Ճոնիին վրայ: Երեկոները, ակումբ երթալէ առաջ կամ ազատ պահու մը, պիտի գար «Ազդակ»-ի տպարանը` «նկուղը», եւ նրբանցքէն իսկ պիտի հռչակէր իր ներկայութիւնը. «Սագօ՛, սրճախառն քաքաօ մը հաճի՛ս…». տպարանին մէկ անկիւնը զետեղուած էր «էսփրեսսօ» սուրճի սարք մը, որուն մէկ «աչք»-ն ալ կրնար քաքաօ մատուցել. Ճոնին ճաշակ ունեցող տղայ էր ու մեզի սորվեցուց, որ սուրճն ու քաքաոն խառնելով` աւելի համով ըմպելի մը կը ստացուի… (Յամենայն դէպս ճաշերու մասին իր ճաշակը մտերիմ ընկերներուն հետ ունեցած է ի՛ր պատմութիւնները): Ու պիտի զրուցէինք օրուան տարապայման վիճակներուն մասին, կատակախառն զրոյցներ պիտի ունենար տպարանի տղոց հետ` գրաշար թէ էջադրող. տպարանի աշխատաւորները, Ճոնիին եւ քանի մը այլ ընկերներու շնորհիւ, աչքաթող չէին զգար. հարկադրաբար շաբաթներ շարունակ ընտանիքէն հեռու գտնուող աշխատաւորը նման մտերմութեանց մէջ հարազատներ կը փնտռէր անկասկած…

1987-ի փետրուարին, երբ «Ազդակ» հարկադրուեցաւ հրաժարիլ «արեւմտեան» շրջանի խմբագրատունէն ու տպարանէն, Ճոնիին եւ իր նմաններուն ներկայութիւնը այլեւս նոյնքան յաճախակիօրէն չկրցանք ունենալ նոր խմբագրատուն-տպարանին մէջ. այսուհանդերձ, «Ազդակ»-ին հետ Ճոնիին կապը անքակտելի էր, ու երբեմն զրոյց կ՛ունենայինք հայկական սուրճով:

Այս քանի մը յուշերը բաւարա՞ր են ուրուագծելու բարեկամի մը ու ընկերոջ մը դիմաստուերը: Վստահաբար` ո՛չ: Ինչպէ՞ս կարելի է չափել հայորդիի մը, դաշնակցական տղու մը ծառայութիւնները իր ժողովուրդին, սիրած միութեան` ՀՄԸՄ-ին եւ իր ժողովուրդին: Հեռաւորութիւն կամ ծանրութիւն-տարողութիւն չափող գործիքներու նմանը այս պարագային գոյութիւն չունի: Ու երբ օր մըն ալ Ճոնիներուն կեանքի էջը կը փակուի կանխահասօրէն, կ՛ափսոսաս, որ վերջին տարիներուն առողջական վիճակը պարտադրեց սահմանափակել իր ծառայութիւնները, լայն առիթ չտուաւ, որ խոնջէնքը փարատի վաստակին ու ժառանգներուն բերելիք բերկրանքով, սակայն չես մոռնար եւ կը հաստատես, որ ան իր կարողութեան ամէնէն լայն սահմաններուն մէջ ծառայեց հաւաքականութեան եւ ետին կը թողու վաստակ մը, որ դատապարտուած չէ անտեսումի կամ մոռացութեան, այլ իր բաժինը կ՛ունենայ իր կազմակերպութեան ու միութեան էջերուն հարստացման մէջ:

 

 

Խմբագրական. Չբարձրաձայնուող, Սակայն Առկայ Տարրը (Արցախի Հանրապետութեան Հիմնադրման 27-ամեակին Առիթով)

$
0
0

Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան նշումին արդիական հնչեղութիւն տալու առումով քաղաքական հրապարակագրութիւնը անպայման աշխարհաքաղաքական ներկայ իրադարձութիւններու, գերտէրութիւններու միջեւ ելեւէջային յարաբերութիւններու լոյսին ներքոյ կը քննարկէ հետագայ հաւանական ընթացքներու հունաւորման միտումները։

Այլ տարածաշրջանի մէջ կը թուի, որ լուռ, չբացայայտուած, այսուհանդերձ ինքզինք զգալի դարձնող համաձայնութիւներու, պատերազմական սահմանափակ գործողութիւններու եւ ընդհանրապէս իրավիճակը վերահսկողութեան տակ պահելու զինուորաքաղաքական մօտեցումները կը շարունակեն կիրարկուիլ։

Արցախի պարագային գոյավիճակը փոխելու աշխարհաքաղաքական որոշումի ազդանշան չ՛երեւիր տակաւին։ Նման զարգացումներ կրնան ուրուագծուիլ, երբ բանակցային տարրերու մէջ նշուած խաղաղապահ առաքելութեան տեսքն ու տարազը սկսին ձեւաւորուիլ։

Իսկ խաղաղապահ առաքելութեան ճշդումը գերտէրութիւններուն համար ազդեցութեան գօտիի պահպանման կարեւորագոյն երաշխիքն է։ Յայտնաբար նաեւ հայ_ազրպէյճանական երեւցող անհամաձայնութիւներէն անդին կայ խորքային անհամաձայնութիւն խաղաղապահ առաքելութեան բաղադրութեան նկատմամբ։

Իսկ այս խնդիրը դիւրաւ լուծելի չէ որեւէ ձեւով։ Եթէ մէկ կողմէ ռուսական գործօնի ազդեցիկութիւնը տարածաշրջանին մէջ պահելու նպաստող առաջադրանք է, միւս կողմէ՝ Արեւմուտքի համար այդ գերակայութիւնը հակակշռելու կարեւոր միջոց։ Թէեւ իրաւականօրէն նաեւ պայման է հակամարտող կողմերու համաձայնութիւնը կամ դիմումը նման զօրամասեր հրաւիրելու։

Գերտէրութիւններու տարածաշրջանային քաղաքականութեան մանրամասնութիւններուն, ծալքերուն քաղաքական ճիշդ ընթերցումը կատարելը հայկական կողմին համար աւելի քան անհրաժեշտ է, բանակցային պահերուն անհրաժեշտ դիրքորոշումները ունենալու, քաղաքական  յայտարարութիւներուն ընդգծումներն ու շեշտադրումները հրապարակելու եւ այս բոլորին մէջ նուազագոյն վնասով կամ առաւելագոյն շահով դուրս գալու։

Ռուս-թուրք մերձեցման միտումները, Պաքուին զինամթերք վաճառելու առումով վերջին շրջանին Մոսկուայի ցուցաբերած հետեւողականութիւնը եւ ընդհանրապէս իրաւարարի դերակատարութեամբ հիմնահարցի գոյավիճակը պահպանելու ձգտումները քաղաքական ներկայ պահը յատկանշող երեւոյթներ են։

Կ՛աւելնան Թուրքիոյ կողմէ շանթաժային քաղաքականութեան դրսեւորման փորձերը` Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու սպառնալիքով Եւրոպական Միութեան ուղերձներ փոխանցելու, կամ նոյն կառոյցին միանալու  Պաքուի փոխանցած պատգամները` Արցախը ստանալու դիմաց։

Գոյավիճակին փոփոխութիւնը սակայն այս բոլորին նկատառումով չի բխիր Մոսկուայի շահերէն։ Ի վերջոյ աշխարհաքաղաքական դիտանկիւններէ խնդիրը ոչ թէ տարածքին պատկանելիութեան իրաւացիութիւնն է, այլ ազդեցութեան գօտիներու պահպանման, անոնց երաշխաւորման կամ նոր գօտիներ նուաճելու ծաւալողականութեան նկրտումները։

Խաղաղապահ զօրքերու տեղակայման առայժմ չբարձրաձայնուող, բայց առկայ տարրը գործարկելու նախադրեալները տակաւին տեսանելի չեն։ Անոնց բաղադրութեան խնդիրը համազօր է արցախեան հակամարտութեան լուծման աշխարհաքաղաքական ծրագիրներու բացատրութեան։

 

 

Բարի Երթ ՀՕՄ-ի «Սօսէ» Մանկապարտէզին

$
0
0

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ

3 օգոստոս 2017 էր:

Դէպի Արցախ մեր ուղեւորութիւնը վերջ կը գտնէր, ու կը վերադառնայինք Երեւան:

Սակայն ինչպէ՞ս կարելի է մեկնիլ Արցախէն` առանց այցելելու Ստեփանակերտի ՀՕՄ-ի նորակառոյց  «Սօսէ» մանկապարտէզ, որուն պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի յառաջիկայ ամիս:

Վարորդին բացատրեցինք մանկապարտէզի հասցէն ու փնտռտուքէ ետք հասանք այն թաղամասը, ուր մեր առջեւ գտանք կառուցուող շէնքը:

Բնականաբար ինքնաշարժը կանգ առաւ, եւ մենք ուղղուեցանք դէպի կառոյց, որուն մուտքին տեսնուելէ ետք երիտասարդ շինարարին հետ, անցանք ներս:

«Սօսէ» մանկապարտէզին շինարարութիւնը համարեա աւարտած էր. շինարարները իրենց ճարտար ձեռքերով վերջին աշխատանքները կ՛ամբողջացնէին:

6 սեպտեմբեր 2017-ին, հովանաւորութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, տեղի պիտի ունենայ այս կառոյցին պաշտօնական բացումը:

Այդ օր Արցախի  Ստեփանակերտ մայրաքաղաքը եւ ի մասնաւորի այս համալիրը պիտի հանդիսանան այն կեդրոնը, ուր աշխարհացրիւ ՀՕՄ-ուհիներ, հայ դպրութեան ջահը մշտավառ պահելու նպատակով, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հովանիին ներքեւ մէկտեղուած, յատուկ արարողութեամբ բացուած պիտի յայտարարեն այս համալիրը:

Այս տարուան սեպտեմբերի դպրոցական տարեշրջանի վերամուտի առաջին զանգը պիտի ըլլայ յատուկ:

«Սօսէ» մանկապարտէզը իր նոր կառոյցին մէջ պիտի հիւրընկալէ Արցախի երեխաները:

Արդիական ոճով, արտաքնապէս թէ ներքնապէս սերտուած այս շէնքի գունաւոր դասարաններուն, միջանցքներուն, յարակից բաժանմունքներուն մէջ յառաջիկայ դպրոցական տարեշրջանին պիտի հնչեն հայ երգն ու եղանակը, պիտի արձագանգէ հայերէնը, հոն պիտի զուարճանան Արցախի երեխաները, ու հոնկէ բարձրացող կանչերով պիտի լիանան սփիւռքահայութեան հոգիները:

Անհերքելի իրականութիւն է, որ Հայ օգնութեան միութիւնը իր հիմնադրութենէն ի վեր ձգտած է տէր ու պաշտպան դառնալ հայութեան բոլոր հատուածներուն` Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ արտերկրի գաղութներուն մէջ:

ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզը այդ իրականութեան ցոլացումն է: Նորակառոյց այս համալիրը արգասիքն է Հայ օգնութեան միութեան ջանքերուն:

Արգասիքն է բոլոր նուիրատուներուն, բարերարներուն, միաւորներուն կատարած ներդրումներուն:

Արգասիքն է այն հաւատքին, որ սփիւռքահայութիւնը կը ցուցաբերէ իր հայրենիքի հանդէպ:

Արգասիքն է այն ձգտումին, որ սփիւռքահայութիւնը կը միտի հայրենի երկրի մեր երեխաներուն ապահովել ուրախ եւ խաղաղ մանկութիւնը:

Վա՛րձքը կատար` բոլորին անխտիր:

Բարի երթ ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզին:

 

Խմբագրական «Ազատ Արցախ»-ի. –Արցախի Հանրապետութիւնը Պատմական Իրողութիւն Է

$
0
0

«Արցախի Հանրապետութիւնն ինքնիշխան, ժողովրդավարական, իրաւական, սոցիալական պետութիւն է»:

Նման ձեւակերպում է պարունակում Արցախի Հանրապետութեան սահմանադրութեան առաջին յօդուածի առաջին կէտը` լակոնիկ, բայց` բաւականին ընդգրկուն ձեւակերպում, որը սպառիչ բնութագիր է տալիս սահմանադրական ամուր հիմքեր ունեցող մեր պետութեանը: Այս ժլատ տողերի յետեւում, սակայն, իրական անկախութեան տանող բարդ, անասելիօրէն դժուար ճանապարհն է, անկախութի՛ւն, որի մասին այսօր մենք խօսում ենք ոչ առանց օրինաւոր հպարտութեան զգացման:

Անկախ պետականութեան ստեղծման ելակէտը դարձաւ 1991թ. սեպտեմբերի 2-ը: Հէնց այդ օրը, որն իրենով նշանաւորեց Արցախի պատմական ու քաղաքական զարգացման հետագայ ճանապարհը կանխորոշած ղարաբաղեան շարժման նոր փուլը, Լեռնային Ղարաբաղի մարզային եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդների ժողովրդական պատգամաւորների համատեղ նստաշրջանում ընդունուեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման մասին հռչակագիր: Արցախցիների, ինչպէս եւ մեր ողջ ժողովրդի համար` յիրաւի պատմական մի փաստաթուղթ, որն ազդարարեց երկրորդ հայկական պետութեան ծնունդը: Նրա անանց նշանակութեան մասին խօսում է եւ այն փաստը, որ հռչակագիրը յիշատակւում է սահմանադրութեան ներածականի առաջին իսկ պարբերութեան մէջ, որտեղ արտայայտւում է Արցախի ժողովրդի անսասան կամքը` «զարգացնելու եւ պաշտպանելու ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ 1991 թուականի սեպտեմբերի 2-ին ստեղծուած եւ 1991 թուականի դեկտեմբերի 10-ի հանրաքուէով անկախ հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը»:

ԼՂՀ-ի` որպէս ինքնիշխան պետութեան, ստեղծման գործընթացն առարկայական կերպով ընկալելու համար չի կարելի շրջանցել 1980-ական թուականների կէսից Խորհրդային Միութիւնում տեղ գտած իրադարձութիւնները: Կորպաչովի հռչակած «վերակառուցման» քաղաքականութեան արդիւնքում` ԽՍՀՄ քաղաքական կեանքում տեղի ունեցաւ որոշակի ազատականացում, եւ 1988թ. Լեռնային Ղարաբաղի հայազգի բնակչութիւնը սահմանադրական ճանապարհով` ժողովրդական պատգամաւորների Մարզային խորհրդի նստաշրջանում, բարձրացրեց ԼՂԻՄ-ը Հայաստանին վերաենթարկելու հարցը: Հարցը, ինչպէս յայտնի է, լուծում չստացաւ: Այնուհետեւ, սակայն, խորհրդային անխախտ թուացող պետութեան մէջ Կորպաչովի անհետեւողականութեան պատճառով ստեղծուեց բարդ եւ հակասական իրավիճակ, որը բերեց կենտրոնախոյս ուժերի սրընթաց զարգացման:

ԽՍՀՄ-ը յայտնուեց փլուզման եզրին, ինչը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանում ստեղծեց միանգամայն նոր քաղաքական-իրաւական իրողութիւններ եւ ղարաբաղեան շարժման առաջնորդներից հրամայաբար պահանջեց համարժէք գնահատական` ստեղծուած քաղաքական իրադրութեանը, եւ` արդիւնաւէտ որոշման ընդունում, որն ունակ կը լինի հայկական Արցախը փրկել անխուսափելի կորստից: Այսպէս ծնուեց անկախ պետականութեան ստեղծման գաղափարը, որն իրական հեռանկար ձեռք բերեց այն բանից յետոյ, երբ Խորհրդային Միութեան փլուզումը դարձաւ անկասելի, ինչն էլ տեղի ունեցաւ 1991թ. դեկտեմբերին: ԼՂՀ հռչակման մասին հռչակագրի ընդունմամբ արցախցիները, ովքեր ի սկզբանէ Հայաստանի հետ ինքնավար մարզի վերամիաւորման հարցն էին դրել, փաստօրէն վերանայեցին իրենց ինքնորոշման իրաւունքի իրացման ռազմավարութիւնը: Այդուհանդերձ, չափազանց կարեւոր է նշել, որ նոյն այդ հռչակագիրը «հայ ժողովրդի վերամիաւորման ձգտումը բնական ու միջազգային իրաւունքի նորմերին համապատասխան» ձգտում է համարում:

Միամտութիւն կը լինէր ենթադրել, որ անկախ հանրապետութեան հռչակումը մի ակնթարթում լուծեց բոլոր խնդիրները, եւ ամէնից առաջ` անվտանգութեան: Ամենեւին ո՛չ: Գործունակ պետութեան ստեղծման գործընթացն անցնում էր Ազրպէյճանի հետ դիմակայութեան ծայրայեղ ծանր պայմաններում, մի պետութեան, որը դեռեւս միասնական ԽՍՀՄ-ի շրջանակներում Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի եւ այլ բնակավայրերի հայազգի բնակչութեան նկատմամբ իրականացրել է իրենց դաժանութեամբ աննախադէպ ցեղասպանական մի շարք գործողութիւններ, հետագայում` արդէն յետխորհրդային շրջանում, ԼՂՀ-ի դէմ պատերազմ սանձազերծել:

Պաքուն հիմա էլ` ԼՂՀ հռչակումից 26 տարի անց, չի թաքցնում մեր անկախ պետականութիւնը ոչնչացնելու եւ Արցախի տարածքն բռնակցելու իր մտադրութիւնները, ինչը տեսանելի կերպով հաստատեց անցեալ տարուայ ապրիլեան պատերազմը: Ու միայն պաշտպանութեան բանակի բարձր մարտունակութեան ու նրա զինծառայողների անձնուիրութեան շնորհիւ Արցախի Հանրապետութիւնը կարողացաւ պահպանել իր ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը:

Սակայն գոյութիւն ունի անվիճելի ճշմարտութիւն` ուժեղ բանակը, որն ի զօրու է ապահովելու բնակչութեան անվտանգութիւնն ու պաշտպանելու հայրենիքի սահմանները, հնարաւոր է միայն ուժեղ պետութեան մէջ` իշխանութեան եւ կառավարման արդիւնաւէտօրէն գործող մարմիններով: Հէնց դրա համար  է, որ ԼՂՀ ղեկավարութիւնը ձեռնարկում էր եւ շարունակում է` ձեռնարկել պետականութեան հետագայ ամրապնդմանը, հասարակական¬քաղաքական կեանքի ժողովրդավարացմանը, սոցիալ-տնտեսական զարգացմանն ուղղուած հետեւողական քայլեր: Ընթացիկ տարուայ փետրուարի 20-ին կայացած սահմանադրական բարեփոխման հարցով համաժողովրդական հանրաքուէն նոյնպէս այս նպատակն էր հետապնդում կատարելագործել պետական կառավարման համակարգն ու այդ հենքի վրայ շարունակել ԼՂՀ պետականութեան կառուցման ու ամրապնդման գործընթացը: Իր տէ ֆաքթօ անկախութեան 26 տարիների ընթացքում հանրապետութիւնը, երբեմն` փորձերի ու սխալների ճանապարհով, անցել է պետականաշինութեան բոլոր փուլերը եւ այսօր ներկայանում է որպէս կայացած պետութիւն, որն ինքնուրոյն կերպով վարում է ոչ միայն ներքին, այլեւ արտաքին քաղաքականութիւն, որի առաջնահերթութիւններից մէկը ԼՂՀ միջազգային ճանաչման հասնելն է:

1991թ. սեպտեմբերի 2-ի հռչակագիրն օրինական հիմքի վրայ հաստատեց իր քաղաքական ապագան ինքնուրոյն որոշելու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի իրաւունքը: Հայկական երկրորդ պետութեան` Արցախի Հանրապետութեան կենսունակութիւնն այս շրջանում ծանրագոյն փորձութիւններ է անցել: Ազատութիւնն ու անկախութիւնը, մեր նախնիների հինաւուրց հողի վրայ արժանապատուօրէն ապրելու հնարաւորութիւնը մեզ համար թանկ գին է ունեցել, ուստի արցախցիների ներկայ եւ ապագայ սերունդների պարտքն է պահպանել հայրենիքը` որպէս գերագոյն սրբութիւն:

 


Խմբագրական «Դրօշակ»-ի. Վերարժեւորումների Ժամանակը

$
0
0

Խորհրդարանական «Ելք» դաշինքը վերջերս առաջարկեց փոփոխել մայրաքաղաքի մի շարք փողոցների անուանումները: Խնդիրը մասնաւորապէս վերաբերում էր որոշ պոլշեւիկ գործիչների անուններին: Այս նախաձեռնութիւնը լրատուամիջոցներով ու ընկերային ցանցերով լայն քննարկումների առիթ դարձաւ, կարծես իրապէս էլ պատճառը հասունացած էր եւ խօսակցութեան ծաւալման համար միայն առիթ էր հարկաւոր: Ի հարկէ եթէ ոչ երէկ ու այսօր, ապա մի օր անխուսափելիօրէն այդ քննարկումները սկսուելու էին` խնդրի մակերեսային ընկալումներից յանգելով աւելի խորքային ու արմատական ընդհանրացումների:

Գաղտնիք չէ, որ բնակավայրերի (ինչպէս եւ` պետական ու ոչ պետական հաստատութիւնների, հիմնադրամների, մրցանակների, կրթաթոշակների եւ այլնի) անուանակոչութիւնը նախ քաղաքական, ապա պատմական ու քարոզչական նշանակութիւն ունի եւ տուեալ պահին արտայայտում է երկրի ու պետութեան բնոյթը, ժամանակի մթնոլորտը, գաղափարական ու քաղաքական մտայնութիւնները եւ այլն: Բաւական է յիշել Խորհրդային Միութեան օրինակը, եւ թէ ինչպէ՛ս ժամանակ առ ժամանակ փոխւում էին անուանումները, պատուանդաններից ցած էին գլորւում արձանները, դասագրքերից հանւում էին անունները: Ինչպէս զանգուածօրէն կպցուելով ամէն ինչին, քաղաքական հերթական վերանայումներից յետոյ դրանք նոյն արագութեամբ ջնջւում ու փոփոխւում էին: Բայց երկիրը եւ պետութիւնը սեւագրութեան թուղթ չեն, եւ ոչ էլ կարող են մշտապէս փորձարկումների (կամ փորձութիւնների) ենթարկուել: Անուանակոչութիւններ պէտք է վաւերագրեն եւ անմահացնեն յիշատակը ազգային դէմքերի, որոնք իրենցով կը խորհրդանշեն արժէք եւ արժեհամակարգ, սերունդներ կը կրթեն ու կը դաստիարակեն, կ՛արտայայտեն տուեալ ժողովրդի պատկառանքն ու հաւատարմութիւնը մեծերի եւ սեփական պատմութեան հանդէպ: Սերունդների կեանքում իրենց անմահութիւնը ապահոված անունների այս փաղանգը կարող է հարստացուել, բայց ոչ` փոփոխուել: Ակնյայտ է, նաեւ որ այս երեւոյթի մէջ արտացոլուել եւ արտացոլւում է` երկրի ճակատագրի լիարժէք տնօրինումը իր տիրողջ եւ ոչ օտարների կողմից:

Վերանուանումների գործընթացը բնականօրէն յանգեցնում է հերոսների, նրանց խորհրդանշած արժէքների ու մեծ հաշուով պատմական իրողութիւնների վերանայմանն ու վերարժեւորմանը:

Պատահական չէ, որ սկիզբ առած քննարկումները յանգում են մասնաւորապէս հետեւեալ հարցին. «Իսկ ի՞նչ է արել այս կամ այն գործիչը հայ ժողովրդի համար»:

Քննարկումները ի յայտ են բերում դէպքերի ու դէմքերի հետ կապուած ոչ միանշանակ գնահատականներ, ինչպէս, օրինակ, Խանջեանի ու Մեասնիկեանի դէպքում մէկ տրամադրութիւն է հանրութեան մօտ եւ մէկ այլ, երբ խօսքը վերաբերում է նոյն համակարգն ու կուսակցութիւնը ներկայացնող այլ անունների: Մարդկանց, ովքեր մատը մատին չեն խփել սեփական հայրենիքի համար, իսկ այլ դէպքերում էլ, յանուն օտարածին յեղափոխութեան նպատակների, պատրաստ են եղել ոտնակոխելու ազգային շահը, պապերի երկիրը վերածելու օտար նուաճողների եւ նրանց քաղաքական-գաղափարական ծրագրերի իրագործման արիւնոտ փորձադաշտի:

Անկախացման նոր հնարաւորութիւնը ապահովեց Հայաստանի ֆիզիքական ինքնուրոյնութիւնը, բայց ինքնաբերաբար չյանգեցրեց պատմաքաղաքական ու գաղափարական մտաշրջութեան: Պայմանաւորուած հիմնականում պահի քաղաքական առաջնորդող ուժերի յաւուր պատշաճի շահերով շատ դէպքերում շարունակեցին տիրապետել գաղութացնող երկրի պարտադրած մտակաղապարները: ԽՍՀՄ պատմութեան դասախօսները դարձան հայ ժողովրդի պատմութեան մեկնաբաններ, աթէիզմի «մասնագէտները» լծուեցին կրօնի եւ կրօնի պատմութեան դասաւանդման գործին, իսկ Համայնավար կուսակցութեան պատմութեան մասնագէտները վերածուեցին քաղաքագէտների: Հետեւանքն այն է, որ նորագոյն պատմութեան շրջադարձային ժամանակահատուածը, հասարակական, մշակութային արժէքները եւ այդ ամէնը մարմնաւորող դէմքերն ու հաւաքականութիւնները դեռեւս չեն ստացել իրենց իրական գնահատականը եւ վերարժեւորուած չեն հասարակական գիտակցութեան մէջ:

Հետեւաբար եւ պէտք չէ զարմանալ, որ 100-ամեակի շեմին հաւաքականօրէն գիտակցուած չէ հայոց անկախ պետականութեան վերականգնման պատմաքաղաքական բովանդակութիւնը, որպէս դասագրքային ճշմարտութիւններ` չեն արձանագրուել բախտորոշ իրադարձութիւնների պատճառահետեւանքային կապերը` ժողովրդի հետագայ ճակատագրի հարցում այս կամ այն իրադարձութեան ունեցած իրական ներգործութիւնը եւ այլն:

100-ամեակը, սակայն, հէնց այն պատեհ առիթն է, երբ կարելի է ճշմարտութեան լուսարձակը նետել պատմական ուղու վրայ եւ առանց ամբոխավարական յոյզերի ու կողմնակի ազդակների ազդեցութեան` ազգային ակնոցով կատարել լուսաբանումներ եւ վերարժեւորումներ:

Հիմա նպաստաւոր ժամանակ է դրա համար: Կարելի է չերկնչել, թէ ինչ-որ մէկը կամ ոմանք յանկարծ կը շահեն դրանից: Սեփական պատմութիւնը եւ նրա լաւ կամ վատ դերակատարները ողջ ազգի ժառանգութիւնն են, ինչպէս որ ընդհանուր ժառանգութիւն են մեր նուաճումներն ու կորուստները` ողջ մեր անցեալի բեռը: Եթէ ինչ-որ մէկը ինչ-որ բան վատ ժամանակներից փրկելու համար պահել է իր ծոցում, ո՛չ խանդենք, ո՛չ նախանձենք, վերցնենք այն նրանից ու բաժանենք բոլորիս: Պահպանողը չի կողոպտուի, բայց ազգը կը հարստանայ:

Մեր դարաւոր մաքառումների կարեւորագոյն հանգրուանի` հայոց պետականութեան վերածնութեան 100-ամեակի լրումը լաւ առիթ է մեր պատմութիւնը կամ, աւելի ճիշդ, պատմութեան արժեւորումը հայեացնելու: Մեն ինքներս պիտի կտրուենք անցեալի մտային ու ֆիզիքական ախտերից եւ ոսկեջրուենք մեր ազգային ինքնութեան աւազանում: Դրանից յետոյ հեշտ կը լինի մէկ անգամ եւ վերջնականօրէն գրելու պատմութիւնը, գնահատելու իրական հերոսներին, կատարելու անուանակոչումներ` ըստ անմահների դասի:

Մենք մեր ինքնութեան անձնագրով հեշտօրէն կը պաշտպանուենք աւելի ու աւելի համաշխարհայնացող աշխարհի հիւսիսներից ու հարաւներից, արեւելքներից ու արեւմուտքներից փչող քամիներից եւ այլեւս երբեք սերունդները չեն հանդուրժի, որ դահիճներն ու նրանց մանկլաւիկները նշանակուեն փրկիչներ եւ սողոսկեն գրքեր, գրաւեն հրապարակներ ու փողոցներ:

Ակնարկ. Թէ՛ Թէ՛-ն Նաեւ Ռազմաքաղաքական Ոլորտին Մէջ

$
0
0

Անդրադառնալով Վրաստանի մէջ Agile Spirit 2017 բազմազգ ռազմափորձերուն Հայաստանի չմասնակցելուն` Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալը նշած է, որ Հայաստան պաշտօնապէս չէ յայտարարած, որ պիտի մասնակցի ռազմափորձերուն. «Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը եւ ընդհանուր անվտանգային համակարգը ՀԱՊԿ համակարգում ունի շատ կարեւոր դերակատարութիւն եւ ՀԱՊԿ-ի դերակատարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգային համակարգին համար կարեւոր եւ առանցքային նշանակութիւն ունի: Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանը շատ երկար ժամանակ ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացման, ե՛ւ խաղաղարար առաքելութեան իրականացման շրջանակներում ունի լայն համագործակցութիւն ՕԹԱՆ-ի կառոյցի եւ անդամ երկրների հետ: Այստեղ մի միջոցառմանը չմասնակցելը կամ մասնակցելը նոյնիսկ արտառոց պէտք չէ դիտարկել»:

Այս յայտարարութեան բովանդակային տարբաղադրումը հետեւեալ կէտերուն մէջ կ՛ամփոփէ մեր պաշտօնական ռազմաքաղաքական հայեցակարգը աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն ունեցող երկու բեւեռային միաւորներու նկատմամբ:

ՀԱՊԿ-ի առնչութեամբ` Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը եւ ՀԱՊԿ-ի համակարգը փոխադարձաբար ունին շատ կարեւոր նշանակութիւն: Այստեղ շեշտուած է ՀԱՊԿ-ի դերակատարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան ընդհանուր համակարգին մէջ: Այս նշանակութիւնը որակուած է նոյնիսկ առանցքային:

ՕԹԱՆ-ի առնչութեամբ` նշուած են երեք ուղղութիւները եւ շեշտուած Հայաստանի Հանրապետութեան լայն համագործակցութիւնը հաւասարապէս այս երեք ուղղութիւններով:

Բացատրութիւններուն հիմնական նպատակը այն է, որ Վրաստանի մէջ կայացած ռազմափորձերուն հայկական կողմին չմասնակցիլը պէտք չէ քաղաքականացուած մեկնաբանութիւններու դուռ բանայ:

Անդամակցելով ՀԱՊԿ-ին, բայց ոչ ՕԹԱՆ-ին, այսուհանդերձ պաշտօնական Երեւանը կը շարունակէ հաւասարակշռուած եւ այս պարագային երկկողմ յարաբերութիւնները: Ուղղութիւններու հաւասարակշիռ պահպանման այս վարքագիծը թէ՛ ռազմաքաղաքական, թէ՛ դիւանագիտական եւ թէ՛ ընդհանրապէս միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ առանցքային բնոյթ ստացած է հայկական կողմին համար: Աշխարհագրական դիրքը, տարածաշրջանին մէջ կիրարկուող աշխարհաքաղաքականութիւնը, տարբեր պետութիւններու շահագրգռուածութեան նշաձողի անվերջանալի բարձրացումը, անվտանգութեան հետ առնչուած տարբեր իրադարձութիւններու արձանագրումը հանգամանքներ են, որոնք հաշուի կ՛առնուին հայկական կողմէն եւ կը մղեն, որ նշուած ոլորտներուն վերաբերեալ մշակուած հայեցակարգերուն մէջ ներառուին:

Համապատասխան գերատեսչութիւնը առանց նախապէս յայտարարելու, թէ պիտի մասնակցի՞, թէ՞ ոչ Վրաստանի մէջ կայացող ռազմափորձերուն որոշած է այս փուլին չմասնակցիլ: Անշուշտ, որոշումը բնականաբար կ՛ունենայ իր պատճառականութիւնը:

Եւ եթէ ռազմաքաղաքական մէկ բեւեռ միաւորին հետ համագործակցութիւնը առանցքային բնոյթ ունի, մինչ երկրորդին պարագային երկարամեայ եւ լայն ձեւաչափ, այդ բնականաբար կ՛ենթադրէ, որ առանցքայինին նման բոլոր ծրագիրներուն ինքնաբերաբար մասնակցութիւն չ՛արձանագրուիր:

Այստեղ կայ տարբերութիւն, որ կը բացատրուի ռազմական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ ապահովական հարթութիւններու վրայ տիրող իրավիճակներով եւ անոնցմէ մեկնած կայացած անդամակցութիւններով: Մէկուն պարագային լիարժէք անդամակցութիւն է, միւսին` համագործակցութիւն:

Այս հանգամանքները նատի ունենալով արտառոց երեւոյթ պէտք չէ փնտռել ՕԹԱՆ-ի հերթական ռազմափորձերէն մէկուն Երեւանի չմասնակցելու որոշումին մէջ: Այս բոլորով հանդերձ, այս ոլորտին մէջ եւս թէ՛, թէ՛ն կը կիրարկուի հայկական կողմէն:

«Ա.»

Անկարելի Սէրը Եւ Շաւիլի Սուրբ Կոյսը

$
0
0

ՀՐԱՅՐ ՀՐԱՉԵԱՆ

2015-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի «Անկարելի սէր. էջեր նկարիչի մը օրագրէն» գիրքը, նուիրուած` փարիզեան իր ուսանողական տարիներուն:

Շնորհիւ Ամերիկայի «Մալաթիոյ կրթասիրաց միութեան» յատկացուցած կրթաթոշակի մը, ան 23 տարեկանին Փարիզ կը ժամանէ 1956-ի ցուրտ օր մը` գեղարուեստի իր ուսումը շարունակելու եւ կատարելագործելու համար:

Շուտով կը յաջողի բնակարան մը ապահովել մայրաքաղաքի Ուսանողական ոստանի Հայ տան մէջ:

Եւ այսպէս, արուեստագէտը կը պատմէ իր ապրած օրերը, լի` նիւթական դժուարութիւններով, բայց` համեմուած նաեւ ազատութիւն վայելող ուսանողի մը ունեցած անցողակի արկածախնդրութիւններով եւ… սէրերով:

Ինչպէ՞ս չյիշել Շահնուրի «Նահանջ»-ը, որ կարելի է բաղդատել երեսուն տարիներ ետք Յարութիւնի ապրած կեանքին հետ: Նոյն դժուար առօրեան` հացի գումարը ապահովելու հոգ, փարիզեան յորձանուտին մէջ խելակորոյս` ենթակայ անոր բոլոր փորձութիւններուն, բայց նաեւ վաղանցուկ, առանց վաղորդայնի սիրային կապեր` օրիորդներու հետ, որոնք կը յայտնուին ամէն քայլափոխի:

Անցողակի սէրեր, բայց նաեւ` այն միակ անկեղծ եւ խոր սէրը զուիցերիացի գեղեցկուհի Ժաքլինի հանդէպ: Առաջին նայուածքէն Յարութիւն կը սիրահարի անոր, բայց այդ փոխադարձ սէրը երբեք պիտի չկարենայ յանգիլ շօշափելի արդիւնքի մը: Իսկակա՛ն պղատոնական սէր մը: Տասը երկար տարիներ կը տեւէ այս անկարելի սէրը, համեմուած` վարանումներով, անհամարձակութիւններով եւ կասկածանքներով, ի վերջոյ հասնելու համար վերջնական խզումի մը:

Յարութիւն անհամար անգամներ գծագրած էր Ժաքլինի դիմանկարը: Երբ Շաւիլի նորակառոյց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Կրօնական ընկերակցութիւնը իրեն կը դիմէ խորանին վրայ Ս. Աստուածածինի կերպարը գծելու համար, նկարիչը զայն կը պատկերացնէ իր այնքա՜ն սիրած ու կորսնցուցած Ժաքլինի գիծերով: Ան այսօր ալ Շաւիլի խորանէն մեզի կը նայի…

Վերջապէս, Հայաստանի մէջ է, որ Յարութիւն պիտի գտնէ իր կեանքի կողակիցը:

Ուսանողի մը կեանքի այս պատումը, գրուած` պարզ լեզուով, դիւրաւ կը կարդացուի եւ մեզ կը տանի այն տարիները, երբ արեւմտահայերէնը դեռ կ՛ապրէր սփիւռքեան իր ծաղկման շրջանը:

 

 

«Էրտողանի Թշնամիները»

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւի ընդունման մէջ Կանաչներու կուսակցութիւնը մեծ ներդրում ունեցաւ:

Գերմանաբնակ թուրքերուն ուղղուած Էրտողանի կոչին մէջ պահանջուած է, որ ընտրութիւններու ժամանակ չքուէարկեն Կանաչներու կուսակցութեան եւ անոնց թեկնածուներուն:

Աւելի՛ն. Էրտողան այդ թեկնածուները անուանած է «Թուրքիոյ թշնամիները»: Կանաչներու թեկնածուն  կ՛ըսէ. «Կանաչներու ցանկին մէջ ըլլալը մեծ պատիւ է: Էրտողան եթէ մեզի դէմ չարտայայտուէր, կը տխրէր: Անոր արտայայտութիւնը փաստ է, որ մենք ճիշդ ճամբու վրայ ենք»:

Տարօրինակ է, որ Էրտողանի «սեւ ցուցակին» մէջ չեն ներառուած ծայրայեղ աջակողմեան կամ ազգայնական կուսակցութիւնները: Ուրիշ խօսքով, Թուրքիոյ թշնամիները միայն Ցեղասպանութեան բանաձեւին որդեգրման ուժ տուող Կանաչներու կուսակցութիւնն է:

Այս մէկը բաւական բացայայտ տուեալ մըն է` Թուրքիոյ անհանդուրժողական եւ մենատիրական վարչակարգին:

Ցեղասպանութեան օրակարգը Թուրքիոյ վարչակարգին համար ամէնէն տկար օղակներէն մէկն է, որ Թուրքիա քաղաքական, աշխարհագրական եւ պատմական իր դրուածքով միշտ կ՛ուզէ անտեսել:

Բնականաբար այսօրուան Եւրոպայի ամէնէն զօրաւոր երկրին`  Գերմանիոյ կեցուածքը մեծապէս կ՛անհանգստացնէ զինք:

Անկախ ատկէ, որ այլ երկիր մը ուրիշ երկրի մը ներքին ընտրութիւններուն միջամուխ ըլլալը բաւական լուրջ օրակարգ պէտք է ըլլայ:

 

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Անվախ Ու Անկախ Արցախը

$
0
0

Դժուար է յատուկ օրով մը նշել Արցախի անկախութիւնը:

Բազմաթիւ օրեր, շաբաթներ, ամիսներ … նոյնիսկ բոլոր տարուան մը բոլոր օրերը բաւարար պիտի չըլլան նշելու համար Արցախի անկախութիւնը:

Այսպէս, հաւանաբար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ յայտարարելը, որ սեպտեմբեր 2-ը Արցախի անկախութեան օրերէն մէկն է:

Այո՛, այդ մէկ յատուկ օրը, որ արցախցին որոշած է նշել ՏՕՆԸ:

Արցախի Հանրապետութիւնը կը տօնէ իր 26-ամեակը:

Կարեւոր է անգամ մը եւս նշել եւ ընդգծել` ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ, եւ ոչ թէ յատկապէս Խորհրդային Միութեան օրերուն սովորութիւն դարձած անուններու կրճատումներ` ԽՄԼՂ կամ ԼՂԻՄ, այսինքն` Խորհրդային Միութեան Լեռնային Ղարաբաղ կամ ալ միայն իբրեւ անուանակոչում համեմատաբար աւելի ինքնավար` Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզ:

Այսօր տօնն է Կովկասեան բարձրաւանդակի հարաւային շրջանի բնութեան գիրկին մէջ հանգչած, իրարու վրայ ծածկած կանաչութիւններու, մարգագետիններու եւ լեռներու Սուրբ Հողին` Արցախին, որ 11.458 քառ. քիլոմեթր տարածութիւն ունի եւ կը հաշուէ աւելի քան 150 հազար բնակիչ` սահման ունենալով Հայաստանը, Ազրպէյճանն ու Իրանը: Մայրաքաղաքն է լայնատարած եւ մաքրամաքուր Ստեփանակերտը:

Աշխարհաքաղաքական տեղեկութիւններու պարզ փոխանցում մը չեն վերոյիշեալ մանրամասնութիւնները, այլ` պարծանք, հպարտանք եւ …ամենայն համեստութեամբ` յոխորտանք:

Արցախի անկախացման գործընթացը դեռ չէ հասած աւարտին, որովհետեւ երկիրը դեռ չի վայելեր միջազգային հանրութեան ճանաչումը: Իննսունականներու սկիզբները, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, միջազգային հանրութեան կողմէ միայն Հայաստան եւ Ազրպէյճան ճանչցուեցան իբրեւ անկախ պետութիւններ: Ահաւասիկ, այդ իսկ պատճառով, Արցախ առաջնահերթ կը նկատէ իր ճանաչման իրաւունքը` գերիշխան պետութեան կարգավիճակի նուաճումը, միշտ նպատակ ունենալով պաշտպանել իր բնակչութիւնը` պատշաճօրէն ապաւինելով Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մարդկային իրաւանց սկզբունքներուն:

Այո՛, Արցախի բնակչութիւնը իր շրջանի անկախացման մէջ նաեւ կը նկատէ ապահովութեան միակ երաշխիքի տեսլականը, եւ անշուշտ` ամբողջ ժողովուրդի մը ինքնորոշման իրաւունքին իրագործումը, որ ՄԱԿ-ի հիմնական սկզբունքն է` ալֆան եւ օմեկան:

Արցախեան տագնապի լուծման հորիզոնը մատչելի պիտի ըլլայ միա՛յն հիմնական դերակատարներուն, այսինքն Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու վերսկսման պարագային:

Պարզ ու մեկին, բանակցութիւնները պէտք է ըլլան դէմ առ դէմ: Այո՛, անգամ մը եւս տեղին է շեշտել, որ անյետաձգելի է Արցախի մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն:

Այսօր տօնն է Արցախի Հանրապետութեան` անվախ ու անկախ Արցախին:

Հայաստանագնացութիւն

$
0
0

ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ

Հասաւ մեկնումի օրը` 30 յուլիսը: Առաջին անգամն ըլլալով պիտի երթայի հայրենիք` Հայաստան: Պիտի խմէի անոր զուլալ ջուրը, պիտի շնչէի անոր մաքուր օդը եւ պիտի վայելէի անոր գեղեցիկ բնութիւնը: Վստահաբար կրնաք երեւակայել պատանիի մը վիճակը այսպիսի կացութեան մը մէջ. իրապէս շատ ուրախ էի: Ըսեմ պատճառն ալ երթալուս. պիտի մասնակցէի ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններու կազմակերպած բանակումին, որ տեղի պիտի ունենար Քանաքեռաւանի մէջ:

Առաջին օրը` կիրակի, երբ հասանք, մնացինք բանակավայր, քանի որ տակաւին բոլորը չէին հասած եւ չէինք կրնար բան մը ընել: Երկրորդ օրը գացինք ԹՈՒՄՕ արհեստագիտութիւններու կեդրոն, ուր կատարեցինք բանակումի բացման արարողութիւնը եւ դիմաւորեցինք մեր ընկերները, որոնք եկած էին` Հայաստանէն, Արցախէն, Ջաւախքէն, Իրանէն, Սուրիայէն, Միացեալ Էմիրութիւններէն եւ Քուէյթէն: Աւարտին, շրջեցանք կեդրոնին մէջ եւ մօտէն ծանօթացանք անոր աշխատանքներուն:

Երրորդ օրը եղաւ իսկական պտոյտներու օր. այցելեցինք Սարդարապատի յուշահամալիր, որուն թանգարանին մէջ ցուցադրուած են իրեր` տարբեր շրջաններէ եւ տարբեր ժամանակաշրջաններու պատկանող: Կը կարծեմ, որ այս ձեւով յարգանքի տուրքս մատուցած կ՛ըլլամ 25-28 մայիս 1918-ի Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի եւ Սարդարապատի ճակատներուն վրայ կռուած մարտիկներուն: Ապա այցելեցինք Էջմիածին, ուր կը գտնուէր վանքը` իր սքանչելի գեղեցկութեամբ եւ խորհրդաւորութեամբ, Գէորգեան ճեմարանը, որմէ սերունդներ դուրս եկած ու գործօն դեր ունեցած են հայ ժողովուրդի գոյատեւման աշխատանքին մէջ: Շատ հիանալի էր նաեւ վանքին շրջափակը, որ ծածկուած էր կանաչութեամբ եւ զանազան գունագեղ ծաղիկներով:

Չորրորդ օրը` չորեքշաբթի, այցելեցինք երկրին մէջ գտնուող հնագոյն կառոյցներէն Գառնիի տաճարը, որ իր տեղը գրաւած էր կանաչ բնութեան մէջ: Հոնկէ ելլելով` գացինք Գեղարդի վանքը, որ իրապէս շատ տպաւորեց զիս իր գեղեցկութեամբ եւ դիրքով: Ապա ճաշեցինք այդ շրջանի ճաշարաններէն մէկուն մէջ: Երեկոյեան, գացինք ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոն, ուր Ազգային ժողովի պատգամաւորներէն մէկը դասախօսեց Հայաստանի վարչակարգին մասին:

Հինգշաբթի գացինք Օշական, ուր թաղուած է մեր մեծագործ Մեսրոպ Մաշտոց, առանց որուն` թերեւս այսօր հայ մնացած չէինք ըլլար, ապա այցելեցինք այբուբենի պուրակը, որ վանքէն կէս ժամ հեռու կը գտնուէր: Այցելեցինք Դրաստամատ Կանայեանի` Դրոյի շիրիմը եւ կէսօրին վերադարձանք բանակավայր, քանի որ օդը շատ տաք էր եւ արեւն ալ` շատ կիզիչ: Կէսօրէ ետք մեկնեցանք Եռաբլուր, ուր յարգեցինք Արցախի ազատագրական պայքարի ընթացքին նահատակուած մարտիկներուն յիշատակը, եւ` Ծիծեռնակաբերդ, ուր մարմինս փշաքաղուեցաւ`  յիշելով թուրքին կատարած վայրագութիւնները մեր պապերուն, Ցեղասպանութեան օրերուն եւ անոր նախորդած դարերուն ընթացքին:

Վեցերորդ օրը, առաւօտուն, այցելեցինք Վազգէն Սարգսեանի անուան զօրանոց, ուր ծանօթացանք այդտեղի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ տեսանք զինուորներ, որոնք ուղիղ ու կանոնաւոր շարքերով կ՛ուղղուէին աշխատանքի: Կէսօրէ ետք այցելեցինք Երեւան, ուր նախ գնումներ կատարեցինք Վերնիսաժէն եւ անոր շուրջ գտնուող շուկաներէն, ապա գացինք հայրենասիրական, ազգային եւ յեղափոխական երգերով ու կանչերով թնդացնելու Հիւսիսային պողոտան, որ բաւականին աշխուժ էր եւ ունէր բարձր մակարդակի վաճառանիշներով խանութներ ու անուանի ճաշարաններ:

Շաբաթ օր այսինքն եօթներորդ օրը ճամբայ ելանք դէպի Արցախ: Ճամբուն վրայ այցելեցինք Խոր Վիրապ, ուր, ըստ պատմութեան, Գրիգոր Լուսաւորիչ մնացած է 13 տարի, որովհետեւ ան Տրդատ թագաւորի ամբողջ ընտանիքը սպաննած Անակի որդին էր. սակայն չկրցայ իջնել փոսը, որովհետեւ բաւական ապականած էր օդը, եւ արդէն սկսայ շունչի նեղութիւն զգալ: Ապա մեր ճամբան շարունակեցինք դէպի հերոսական Արցախ` քանի մը անգամ կանգ առնելով: Հասանք ուշ երեկոյեան: Ընթրեցինք զօրանոցին մէջ, ապա գացինք «Նայիրի» պանդոկ, որ աղքատիկ պանդոկ մըն էր եւ կը գտնուէր տուներու մօտ:

Նախավերջին օրը պտոյտներ կատարեցինք Արցախի զանազան շրջաններու մէջ: Մեր օրը սկսաւ զօրանոցին մէջ նախաճաշելով, ապա` երթալով դէպի Գանձասարի վանք, որուն եկեղեցին շա՜տ գեղեցիկ էր եւ անոր շրջափակէն բացուող բնութիւնը իսկապէս զգլխիչ էր. այդքան խիտ կանաչութեամբ վայր տակաւին չէի տեսած: Կէսօրուան մօտ էր, երբ այցելեցինք Խանասորի արշաւանքի կազմակերպիչին Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանը, որուն բակին մէջ ճաշեցինք, եւ դասախօսութիւն տեղի ունեցաւ: Ապա գացինք «Մենք ենք մեր սարերը» պատգամը մարմնաւորող մամիկ ու պապիկի արձանին մօտ, այն վայրը, որ միշտ տեսած էինք մեր հայերէնի եւ հայոց պատմութեան գիրքերուն մէջ եւ կողքերուն վրայ: Երեկոյեան ուղղուեցանք Ստեփանակերտի հրապարակ, ուր շատ խանդավառ մթնոլորտ մը կը տիրէր: Տեղի բնակիչները շուրջպար մը բռնած էին, եւ մենք ալ միացանք իրենց:

Հասաւ երկուշաբթի օրը եւ մեկնեցանք Շուշի: Քիչ մը պտտեցանք շրջանին մէջ, այցելեցինք Ղազանչեցոց վանք, որուն բակին մէջ կատարուեցաւ բանակումի փակման արարողութիւնը եւ հրաժեշտ տուինք մեր արցախցի ընկերներուն, որոնք շա՜տ շա՛տ ազնիւ էին մեզի հետ, կամ գոնէ` հետս: Ելանք ճամբայ եւ Գորիսի մէջ «ցտեսութիւն» ըսինք Իրանէն ժամանած մեր ընկերներուն, որոնց հետ շատ լաւ եւ հաճելի ժամանակ անցուցինք:

Երկուշաբթի, ուշ երեկոյեան հասանք բանակավայր եւ մեր պայուսակները պատրաստեցինք, որպէսզի յաջորդ օրը անով մեր ժամանակը չվատնենք: Վերջին օրը Հայաստանի եւ Ջաւախքի ընկերներուն հրաժեշտ տալէն, պատրաստուելէն եւ մեր պայուսակները հանրակառքերուն մէջ տեղաւորելէ ետք գացինք «Տալմա մոլ», ուր քիչ մը պտտելէ, ճաշելէ եւ գնում կատարելէ ետք ուղղուեցանք «Զուարթնոց» օդակայան` դարձեալ վերադառնալու խոստումով:

Այս ճամբորդութենէն շատ նոր բաներ սորվեցայ. շատ եզրակացութիւններու եկայ հայրենիքի կեանքին մասին: Շատ տխրեցայ, երբ տեսայ գիւղացի ժողովուրդին աղքատութիւնը եւ գիւղերու ամայութիւնը, բայց շատ մեծ բերկրանք զգացի, երբ տեսայ հաղորդակցութեան միջոցներու զարգացած եւ բարգաւաճած վիճակը, Երեւանի շէնութիւնն ու երկրին անկախութիւնը:

Հայաստան իտէալական վայր է ուղեղ ու մարմին հանգստացնելու եւ մաքուր օդ շնչելու: Շատ կը փափաքէի աւելի երկար մնալ եւ այլ տեղեր ալ այցելել, սակայն պէտք էր մեկնէի Ֆրանսա` մասնակցելու համար Ուիքի ճամբարին:

Հայաստանի ժողովուրդը շատ հետաքրքրուած էր սփիւռքով: Անոնք անդադար հարցումներ կ՛ուղղէին մեր կեանքին եւ կենցաղին մասին, մեր դպրոցներուն մասին, մեր գաղութային կեանքին մասին եւ շատ կը զարմանային, երբ կը լսէին, որ Լիբանանի դպրոցները հայոց լեզուէն անկախ` ունին հայոց պատմութեան պահեր, եւ թէ` բոլոր լիբանանահայերը քաջ տեղեակ են իրենց ազգին պատմութեան եւ անցուդարձներուն:

Շատ հետաքրքրական էր, երբ մէկս միւսէն խօսակցական արտայայտութիւններ կ՛ընդօրինակէր, ինչպէս` մեր մէջ տարածուած «եալլա»-ն, արեւելահայերուն մէջ տարածուած «արի ըստեղ»-ը եւ այլ: Շատ անգամ զիրար չէինք հասկնար, մանաւանդ երբ արեւելահայերը ռուսերէն բառեր խառնէին, օրինակ` անգամ մը բանակողներէն մէկը հարցուց. «Նաուշնիք ունե՞ս»,- հարցուցի, թէ ի՛նչ է այս բառը, ըսաւ` «ականջակալ»-, դարձեալ չհասկցայ, մինչեւ որ ցոյց տուաւ մեզի ծանօթ «earphones»-ը:

Իսկապէս շա   ՜տ շա՛տ լաւ ժամանակ անցուցի հոն: Զանազան շրջաններէ նոր բարեկամներ ունեցայ, եւ ընկերային ցանցերու միջոցով իրարու հետ հաղորդակցութեան մէջ կը մնանք ու լուր կ՛ունենանք իրարմէ: Երանի անգամ մը եւս այսպիսի առիթ մը ընծայուի մեզի, դարձեալ իրարու հանդիպինք, աւելի մտերմանանք, ինչպէս նաեւ նոր ընկերներու ծանօթանանք:

Այս առիթով կ՛ուզեմ ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնել ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, որ կազմակերպած էր համահայկական ճամբար մը, որ կարելիութիւնը կու տայ ո՛չ միայն Լիբանանէն, այլ նաեւ այլ երկիրներէ ընկերներու ծանօթանալու:

Կը փափաքիմ, որ յառաջիկայ տարիներուն աւելի շատ պատանիներ ոգեւորուին եւ մասնակցին այս բանակումին, որ լեցուն է խաղերով, երգերով, եռանդով, խանդավառութեամբ, պտոյտներով եւ ամէնէն կարեւորը`  հայ եւ հայրենասէր ընկերներով:

 

«Իրենց Սկսած Գործը Հասցնելու Ենք Աւարտին»

$
0
0

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանի խօսքը` Արցախի Հանրապետութեան 26-րդ տարեդարձի առիթով ձեռնարկին, Եռաբլուր, 2 սեպտեմբեր 2017թ.

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, գաղափարի ընկերուհիներ եւ ընկերներ,

Այսօր նշում ենք Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 26-ամեակը, այդ պատճառով էլ տօնական օր է: Տօնական օր լինելով հանդերձ, պիտի արձանագրել, որ պատմական մէկ քայլ էր, որ թւում էր, թէ չէր բխում 1988-ի փետրուարին ծայր առած` Արցախը Խորհրդային Հայաստանին վերամիաւորելու պահանջով համաժողովրդային շարժման տրամաբանութիւնից: Ի վերջոյ, կար 1989 թուականի դեկտեմբերի 1-ի` Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհրդի` Հայկական ԽՍՀ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին որոշումը: Այդ բոլորով հանդերձ, սակայն, անհրաժեշտութիւն էր 1991 թուականի սեպտեմբերի 2-ի որոշումը, որովհետեւ մէկ կողմից բաւարարում էր Արցախի ժողովրդի` Ազրպէյճանից անկախ ապրելու ձգտումը, միւս կողմից` այդ նպատակի իրականացումը դնում էր թէ՛ օրուան քաղաքական իրավիճակի փաստերի վրայ, թէ՛ այդ կամքի դրսեւորումը իրականացնում էր Խորհրդային Միութեան օրուան օրէնքների տարրին ու ոգուն համապատասխան:

Օգոստոսի 30-ին Խորհրդային Ազրպէյճանի անկախութեան մասին հռչակագրով Ազրպէյճանը իրեն հռչակում էր 1918-1920 գոյութիւն ունեցած Ազրպէյճանի անկախ հանրապետութեան իրաւաժառանգորդ, հրաժարւում էր խորհրդային ժառանգութիւնից: Իսկ Արցախի վրայ ազրպէյճանական որեւէ տիրապետութիւն, թէկուզ` անօրինական, եղել է բացառապէս խորհրդային պետական կամ կուսակցական մարմինների որոշումներով: Իրականում հրաժարուելով խորհրդային ժառանգութիւնից` Ազրպէյճանը նաեւ հրաժարւում էր Լեռնային Ղարաբաղից ու Նախիջեւանից: Անառարկելի փաստ է, որ Արցախը երբեք մաս չի կազմել անկախ Ազրպէյճանի` ո՛չ Խորհրդային Միութիւնից առաջ, ոչ էլ` Խորհրդային Միութեան փլուզումից յետոյ, ո՛չ իրաւականօրէն եւ ո՛չ էլ փաստացի: Ահա այս տեսանկիւնից եւս սեպտեմբերի 2-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումը օրուան քաղաքական իրականութիւնների պայմաններից էր բխում:

Բոլոր մակարդակների խորհուրդների պատգամաւորների մասնակցութեամբ ժողովրդական պատգամաւորների Լեռնային Ղարաբաղի մարզային եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդների համատեղ նստաշրջանի սեպտեմբերի 2-ի որոշումը դեկտեմբերի 10-ին համաժողովրդական հանրաքուէով արժանացաւ Արցախի ժողովրդի ազատ կամքի արտայայտութեանը` նոյն խորհրդային օրէնքների պահանջին համաձայն:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումը հաւատարիմ է մնացել Հայաստանի միւս շրջաններին հետ վերամիանալու Արցախի ժողովրդի կամքին: Սեպտեմբերի 2-ի որոշումը «միջազգային իրաւունքի կանոններին համապատասխան է համարում հայ ժողովրդի միասնութեան ձգտումը»: Իսկ դեկտեմբերի 10-ի իր ազատ կամարտայայտութեամբ` հանրաքուէով, Արցախի ժողովուրդը «Այո» էր պատասխանում հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը անկախ պետութիւն լինելու մասին հարցին եւ իր համաձայնութիւնն էր յայտնում այն մասին, որ անկախ հանրապետութիւնը «ինքնուրոյն որոշի համագործակցութեան ձեւերը այլ պետութիւնների եւ միութիւնների հետ»: Պատմական հոլովոյթը եւ Արցախի ժողովրդի այս կամքը հաշուի առնելով` միանգամայն կարելի է ասել, որ սեպտեմբերի 2-ի որոշումը ընդամէնը մարտավարական, քայլ էր եւ հաւատարիմ է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ վերամիաւորման Արցախի ձգտումին: Ինչպէս Արցախում պիտի ասէին, Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչումը Հայաստանի հետ վերամիաւորման ամենակարճ ճանապարհն է:

Այս ճանապարհին անհրաժեշտ ենք համարում Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնների միջեւ ռազմաքաղաքական համագործակցութեան պայմանագրի ստորագրումը: Պայմանագիր, որը պատրաստուել է 2016-ի ապրիլեան քառօրեայ կռիւներից յետոյ:

Յատուկ ասեցի կռիւներ եւ ոչ թէ` պատերազմ, որովհետեւ իրականում պատերազմը չի աւարտել. 1994-ին ընդամէնը զինադադարի պայմանագիր է ստորագրուել, որն էլ անընդհատ խախտւում է Ազրպէյճանի կողմից: Ազրպէյճանի այդ յարձակողապաշտութեան դէմը կարող ենք առնել մի քանի ճակատներում միաժամանակ պայքարելով: Բնականաբար առաջին ճակատը դա մեր զինուած ուժերի` բանակի անընդհատ հզօրացումն է: Ազգ-բանակի գաղափարախօսութեան բիւրեղացումն ու կիրառումը այդ ուղղութեամբ ճիշդ քայլ է:

Երկրորդ ճակատը դա զինուած ուժերի թիկունքի` ժողովրդային մասնակցութեան ամրապնդումն է: Հէնց այդ ամրապնդման համար է կենսական պետութեան նկատմամբ ժողովրդի վստահութեան մեծացումը, պետութեան կողմից ժողովրդի նկատմամբ հոգատար վերաբերմունքը, ընկերային արդարութեան հաստատումը մեր երկրում: Այս բոլորը կարող են իրականանալ միայն մեր բոլորի աշխուժ մասնակցութեամբ:

Երրորդ ճակատը դա արտաքին ճակատն է, որտեղ մեր պետութեան, պետութիւնների կողքին կարեւոր դերակատարութիւն ունենք նաեւ մենք` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը մեր Հայ դատի կառոյցներով: Այս ուղղութեամբ եւս մենք սկսում ենք նոր քայլերի: Ամերիկայի եւ Աւստրալիայի մի շարք նահանգների կողմից Արցախի ժողովրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումին զուգահեռ, սկսում ենք Արցախի եւ այլ երկրների քաղաքների միջեւ համագործակցութեան պայմանագրերի ստորագրութեան:

Անցած 26 տարիները եղել են պայքարի, մաքառումների, հերոսութեան, ստեղծագործ կեանքի ու նուաճումների տարիներ: Այդ նուաճումները չէին լինի առանց համահայկական միասնութեան ու ներուժի համախմբման:

Այսօր կանգնած ենք անցած տարիների յաջողութիւններն ամրապնդելու, նոր մարտահրաւէրներին դիմակայելու հրամայականի առջեւ: Դրանցից ամենակարեւորը այս փուլում Արցախի խնդրի կարգաւորման հայանպաստ հանգուցալուծումն է ե՛ւ հանրապետութեան անվտանգութեան ապահովումը:

Այս առիթով անհրաժեշտ եմ համարում կրկնել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պաշտօնական վերջին յայտարարութիւնը` Արցախի Հանրապետութեան հռչակման տարեդարձի առիթով:

1.- Արցախեան հարցի կարգաւորման որեւէ համաձայնութիւն պէտք է ճանաչի Արցախի վերամիացումը Հայաստանին, եւ կամ առնուազն` Արցախի անկախութիւնը:

2.- Արցախի սահմանները ճշդելիս պէտք է առաջնորդուել պատմական իրաւունքի եւ Արցախի ու Հայաստանի անվտանգութեան իրական` աշխարհագրական-տարածքային երաշխիքների սկզբունքով:

3.- Բանակցային գործընթացում պէտք է առաջնորդուել Արցախի ժողովրդի 1991թ. անկախութեան եւ 2006 ու 2017 թուականների ԼՂՀ սահմանադրութեան ընդունման եւ փոփոխութիւնների համաժողովրդական հանրաքուէներով արդէն իսկ կայացած կամարտայայտութեամբ:

4.- Առ այդ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը`

– Շարունակում է ԼՂՀ միջազգային ճանաչման խնդրի հետապնդումը: Բանակցային գործընթացը չի կարող արգելք հանդիսանալ` ԼՂՀ անկախութեան ճանաչմանը:

– Պաշտպանում է ԼՂՀ-ն որպէս լիիրաւ բանակցային կողմ ներառելու պահանջը:

– Հետամուտ է ՀՀ եւ ԼՂՀ միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքմանը` որպէս ԼՂՀ անկախութեան եւ անվտանգութեան երաշխիքի:

– Անընդունելի է համարում ԼՂՀ անկախ կարգավիճակի ճանաչման եւ տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման հետ կապուած առաջնահերթ լուծում չպարունակող որեւէ կարգաւորում:

– Դէմ է վերոնշեալ պահանջը անտեսող որեւէ «փուլային» լուծման տարբերակի եւ միակողմանի կամ ապագայ լուծումների ակնկալիքով որեւէ զիջումի: Փոխադարձ զիջումները կարող են լինել միայն համարժէք, միաժամանակեայ եւ փաթեթային լուծման շրջանակներում.

– Պաշտպանում է ՀՀ-ի կողմից ԼՂՀ անկախութեան ճանաչման աքթի անհրաժեշտութիւնը` բանակցային գործընթացի ձախողման կամ Ազրպէյճանի ռազմական նախայարձակման դէպքում:

– Հետամուտ է, որպէսզի Ազրպէյճանի կողմից 1994-1995թթ. եռակողմ զինադադարի դրութիւնը խախտելու, չեղեալ համարելու բոլոր ճիգերը դատապարտուեն միջազգային համայնքի կողմից:

– Համոզուած է, որ ՀՀ եւ ԼՂՀ անվտանգութեան երաշխաւորները նախ եւ առաջ ՀՀ զինուած ուժերն ու ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակն են: Միաժամանակ հետամուտ է, որ միջազգային դիտարկման եւ վերահսկման արդիւնաւէտ միջոցներ կիրառուեն Արցախ-Ազրպէյճան շփման գծի երկայնքով զինադադարը պահպանելու համար:

– Անհրաժեշտ է համարում համախմբել համայն հայութեան ներուժը` արցախեան հիմնախնդիրը ազգային-ազատագրական եւ ինքնորոշման պայքարի դաշտում պահելու համար: Դրան զուգահեռ, գերակայ խնդիրներ է համարում Արցախի բնակչութեան աճի եւ տնտեսական ու ընկերային զարգացմանն ուղղուած համահայկական ծրագրերի մշակումն ու իրագործումը:

Սիրելինե՛ր,

Այսօր մենք այստեղ` Եռաբլուրում հաւաքուել ենք ոչ միայն նշելու Արցախի Հանրապետութեան 26-րդ տարեդարձը, այլ այս առիթով, այստեղ հանգչող մեր հերոսների շիրիմների մօտ, վերանորոգելու մեր ուխտը, որ հաւատարիմ ենք մնալու իրենց ուղուն, հաւատարիմ ենք մնալու իրենց ճանապարհին. չենք թողնելու, որ իրենց գերագոյն զոհողութիւնը ի զուր տեղը կատարուած լինի: Իրենց սկսած գործը հասցնելու ենք աւարտին:

 


ՀՅԴ Բիւրոյի Քաղաքական Ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի Զեկոյցը «Հակառակորդի Ռազմաքաղաքական Մարտավարութիւնն Ու Մեր Անելիքները» Թեմայով Խորհրդաժողովին

$
0
0

Ազրպէյճանի մարտավարութիւնը

Նպատակը` հակամարտութեան կարգաւորման «ազրպէյճանական մոտուսի» կիրառման իրաւունքի ձեռքերում.

Այս նպատակն իրականացնելու գլխաւոր փուլերը բաժանւում են` հաշուի առնելով մինչեւ յետքառօրեայ պատերազմական իրավիճակների միջազգային ընկալումներն ու տարբերութիւնները:

Մինչ քառօրեայ պատերազմը «ազրպէյճանական մոտուսը» միջազգային հեղինակաւոր կառոյցի կողմից առաջ մղելուն կոչուած Պոպ Վոլթերի հեղինակած համապատասխան զեկոյցը ԵԽԽՎ-ում տապալուելուց յետոյ Ազրպէյճանը փորձեց պլից-պատերազմով սթաթիւս քուոն փոխելու միջոցով պարտադրել հակամարտութիւնը կարգաւորելու նոյն այդ մոտուսը:

Ըստ այդմ, կարգաւորման ազրպէյճանական մոտուսը, ինչը յստակ երեւում է Վոլթերի տխրահռչակ զեկոյցից, մարտավարական առումով հետապնդում է գլխաւոր երկու նպատակ` չկաշկանդուել եւ չսահմանափակուել միակը համարուող Մինսքի գործընթացով եւ վերանայել հակամարտութեան բնոյթի եւ լուծման մասին նրանով ձեւաւորուած պատկերացումը:

Քառօրեայ պատերազմի ձախողումով Ազրպէյճանը ոչ միայն չհասաւ իր այս նպատակին, այլեւ աւելի ամրապնդուեց Մինսքի խմբի համանախագահների միակ միջազգայնօրէն ճանաչուած մանտաթը: Աւելի՛ն. համընդհանուր ճանաչում գտաւ եւ ամրապնդուեց զինադադարի մասին 1994թ. եռակողմ պայմանագրի անժամկէտ լինելու փաստը: Արդիւնքում առաջնահերթ խնդիր դարձաւ ոչ թէ սթաթիւս քուոյի անվերապահ փոփոխութեան, այլ իրական խաղաղ բանակցութիւնների համար լիարժէք պայմաններ ապահովելու անհրաժեշտութիւնը: Ստեղծուած իրավիճակում Ազրպէյճանը իր ռազմավարութիւնը կեանքի կոչելու եւ հարցի լուծման իր միակողմանի քայլերը արդարացնելու համար հրաժարւում է ընդունել հակամարտութեան էութեան մասին ձեւաւորուած պատկերացումը եւ այն ներկայացնելով որպէս իր ներքին խնդիր, փորձում է ձեռք բերել գերիշխան իրաւունք` Արցախի ժողովրդին պարտադրելու Ազրպէյճանի սահմանադրական կարգերը: Հետեւաբար Ազրպէյճանի համար բանակցութիւնները մաս են կազմում սոսկ իր ռազմական մարտավարութեան, սեփական պատերազմական գործողութիւնների համար քաղաքական աջակցութիւն ապահովելու նպատակով:

Հայկական կողմի համարժէք եւ իրաւաչափ մարտավարութիւնը:

Համարժէքութեան հիմքը.

Հաշուի առնելով Ազրպէյճանի փաստացի հրաժարումը խաղաղ կարգաւորման պահանջներից եւ նրա առաջացրած մշտական վտանգները` արդարացուած են բոլոր միջոցները, որոնք կոչուած են ամրապնդելու Հայաստանի եւ Արցախի միասնական անվտանգութիւնը

Իրաւաչափութիւնը.

Արդարացուած են Արցախի եւ Հայաստանի գերիշխան իրաւունքից եւ պատմական ճշմարտութիւնից բխող, միասնական անվտանգութեան ապահովմանը ծառայող բոլոր իրաւապայմանագրային կարգաւորումները:

Նախ եւ առաջ` Թուրքիայի որեւէ միջամտութիւն կանխելու համար անհրաժեշտ է արձանագրել, որ Թուրքիայի կողմից հայ-թուրքական յարաբերութիւնները երրորդ երկրով` Ազրպէյճանով եւ ղարաբաղեան հիմնախնդրով պայմանաւորելը ենթադրում է ոչ այլ ինչ, քան` անուղղակի ճանաչում, որ Արցախի հարցը Հայ դատի ամբողջական փաթեթի մի մասն է:

Հետեւաբար նման դիրքորոշում ունեցող երկրի ներգրաւումը կարգաւորման գործընթացի մէջ ինքնաբերաբար օրակարգ պէտք է բերի հայ-թուրքական հիմնախնդիրների ողջ փաթեթը` վերածելով այդ երկրին միջնորդից հակամարտութեան կողմի: Ուստի, Թուրքիայի ներգրաւումը ոչ այլ ինչ է, քան` հակամարտութեան ընդլայնում եւ նոր բանակցային ձեւաչափի առաջացում, որտեղ Թուրքիան բանակցային կողմ է, ոչ թէ` միջնորդ:

Ազրպէյճանի մարտավարական հնարքներից է «փուլային» տարբերակի շահարկումը, ինչը նա կիրառում է իբր թէ յանուն առաւել իրատեսական խաղաղ կարգաւորման, սակայն իրական նպատակը` ձախողել կամ յետաձգել Արցախի անկախ կարգավիճակի ամրագրումը:

Քանզի, եւ դա` ի հակակշիռ Ազրպէյճանի փուլային լուծման, պէտք է ներկայացնել այն, որ ցանկացած փուլային տարբերակ այսպէս թէ այնպէս ենթադրում է համաձայնեցնել այն գլխաւոր առաջին քայլը, որով միայն կարող է սկսել քայլ առ քայլ առաջ ընթացող փուլային որեւէ գործընթաց:

Ուստի, փուլային այն կարգաւորումը, որի գլխաւոր առաջին քայլը Արցախի անկախ կարգավիճակի ամրագրումն է, բնականաբար եւս բանակցելի է:

Ըստ այդմ, փուլային տարբերակին կողմնակից լինելը չի կարող Ազրպէյճանին ինքնաբերաբար բանակցային առաւելութիւն ապահովել:

Յաջորդը` թուրք-ազրպէյճանական քաղաքական զոյգի գոյութիւնը եւ նրա թշնամական էութիւնը լիարժէք հիմքեր են ստեղծում Հայաստան-Արցախի զոյգի լիարժէք իրաւական ամրապնդման եւ Հայաստանի` Արցախի անկախութեան երաշխաւորը լինելու փաստի, միջազգային ճանաչման համար:

Հայաստանի եւ Արցախի շուրջը ձեւաւորուած թշնամական միջավայրում հայ ժողովրդի անքակտելի իրաւունքն է միջազգային ճանաչում եւ յարգանք հայցել լիարժէք անվտանգութեան ապահովման ուղղուած ցանկացած նախաձեռնութեան վերաբերեալ:

Ներկայ փուլում հայկական կողմերի մարտավարական գլխաւոր խնդիրն է` զարգացնել ապրիլեան պատերազմից յետոյ առաջացած հնարաւորութիւնները` կապուած Մինսքի գործընթացի եւ նրանում հակամարտութեան կարգաւորման մասին ձեւաւորուած պատկերացումները վերանայելու ազրպէյճանական ծրագրերի ձախողման հետեւանքների հետ:

Մասնաւորապէս 1994թ. եռակողմ պայմանագրի համընդհանուր վերահաստատումը անխուսափելիօրէն ամրագրում է նաեւ նրա անքակտելի մասը հանդիսացող` հրադադարը ամրապնդելու եւ սահմանային միջադէպերը կարգաւորելու մասին արձանագրութիւնը: Ինչը ուժը պահպանած եւ անժամկէտ լինելով` Վիեննայում եւ Ս. Փեթերսպուրկում շփման գծի երկայնքով հրադադարի խախտումները արձանագրող մեքանիզմների տեղակայման վերաբերեալ ձեռք բերած համաձայնութիւնների հետ միասին ունի պարտադիր գործադրման ուժ եւ խաղաղ բանակցութիւնների սեղան Ազրպէյճանին վերադարձնելու կարեւորագոյն միջոց է:

Ակնյայտ է, որ Ազրպէյճանի կողմից խաղաղ բանակցութիւններից հրաժարումը փաստելը եւ միջազգային հանրութեան կողմից դրա դատապարտմանը հասնելը մեզ կարող է ապահովել լրջագոյն առաւելութիւններ եւ խթանել միաժամանակ ԼՂՀ միջազգային ճանաչման գործընթացը: Առաւել եւս, որ ոչինչ չի խանգարում միջնորդ կողմերին վերահսկող մեքանիզմների եւ սարքաւորումների տեղադրումը կատարել հայկական կողմերի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներում:

Գաղափարը, ըստ էութեան, շատ պարզ է եւ կայանում է հետեւեալում. եթէ Ազրպէյճանը շարունակում է մերժել եւ խոչընդոտել հրադադարը վերսկսող մեքանիզմների տեղակայումը, դա իրականացնել հայկական կողմում, որը միշտ էլ յայտնել է իր պատրաստակամութիւնը դրանց տեղադրման վերաբերեալ:

Սա պէտք է ընկալուի որպէս յստակ ուղերձ` ՄԽ համանախագահների եւ ԵԱՀԿ համապատասխան օղակների համար: Իսկ միջազգային բոլոր հարթակներում անհրաժեշտ է սկսել գործընթաց` ի պաշտպանութիւն այս գաղափարի իրագործման:

Եզրափակելով` կարելի է ներկայացնել, թէ որը պէտք է լինի ի հակակշիռ «ազրպէյճանական մոտուսի» մեր` բանակցութիւնները բովանդակային դարձնելու եւ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու հակամարտութեան կարգաւորման «հայկական մոտուսը»:

1.- Յարգել 1991թ. անկախութեան եւ դրան յաջորդած սահմանադրական հանրաքուէներով արձանագրուած Արցախի ժողովրդի կամարտայայտութիւնը: Ըստ որի, հռչակուած է անկախ պետութիւն` ԼՂԻՄ-ի եւ Շահումեանի շրջանների տարածքները ամրագրող սահմաններով, եւ հաստատուած է, որ մինչեւ ԼՂՀ պետական տարածքի ամբողջականութեան վերականգնումն ու սահմանների ճշգրտումը` հանրային իշխանութիւնն իրականացւում է փաստացի ԼՂՀ իրաւազօրութեան ներքոյ գտնուող տարածքներում:

Այսպիսով, որեւէ կարգաւորում, որ չի ապահովում ԼՂՀ անկախ կարգավիճակի եւ նրա տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման հետ կապուած հարցերի առաջնահերթ լուծում, անընդունելի է:

2.- Բանակցային գործընթացի լիարժէքութեան ու արդիւնաւէտութեան համար ապահովել ԼՂՀ լիիրաւ մասնակցութիւնը բանակցութիւններին:

3.- Միջազգային արդիւնաւէտ վերահսկողութիւն սահմանել` ապահովելու 1994-95թթ. զինադադարի եռակողմ պայմանագրի եւ նրանից բխող հրադադարի ռեժիմի ամրապնդման եւ շփման գծի երկայնքով միջադէպերի կարգաւորման մասին արձանագրութեան անվերապահ կատարումը:

4.- Բանակցային գործընթացը հունաւորելու եւ Ազրպէյճանի ռազմատենչ ու հակահայկական քաղաքականութիւնը չէզոքացնելու համար նոր թափ հաղորդել ԼՂՀ միջազգային ճանաչման գործին` ընդլայնելով Արցախի բնակավայրերի եւ օտարերկրեայ այլ համայնքների միջեւ երկկողմանի «քոյրացման» պայմանագրերի կնքման շրջանակը:

5.- Անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան միասնական համակարգ հաստատելու նպատակով Հայաստանի եւ ԼՂՀ միջեւ կնքել ռազմաքաղաքական դաշինք` ամրագրելով ԼՂՀ անկախութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւորը լինելու Հայաստանի կարգավիճակը` նկատի ունենալով անհրաժեշտ պահին Հայաստանի կողմից ԼՂՀ ճանաչման հնարաւորութիւնը:

6.- Ձեւաւորել Ազրպէյճանի կողմից իրականացուած նախայարձակումը եւ ռազմական յանցագործութիւնները ապացուցող փաթեթ եւ հասնել դրանց միջազգային դատապարտմանը:

7.- Արցախեան ազատամարտի յաջողութիւնները  ամրապնդելու եւ հիմնախնդրի հայանպաստ լուծումը կանխորոշելու նպատակով իրականացնել Արցախի վերաբնակեցումը եւ հիմքեր ստեղծել ապահովելու դրա միջազգային աջակցութիւնը:

4 սեպտեմբեր 2017թ.

Ոստոստող Միտքեր Գրականութեան Եւ Արուեստի Մասին

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Երբեմն պէտք է ըսել այն, ինչ որ պէտք է ըսուի:

Նկարչական ցուցահանդէսներ կան ամէնուրեք: Մեծ վարպետներու գործերը կը ցուցադրուին թանգարաններու մէջ, նորեր իրենց գործերը կը ցուցադրեն յայտնի կամ թաղային ցուցասրահներու մէջ: Հռչակաւորներու գործերու մասին ժամանակը իր վճիռը արձակած ըլլալով` կ՛երթանք թանգարաններու մէջ զանոնք տեսնելու, հիանալու, զաւակ եւ թոռ ալ կը տանինք` դաստիարակչական միտումով:

Այլ եւ նոր նկարիչներու գործերը դիտելու կ՛երթանք, երբ կ՛իմանանք, կը հրաւիրուինք, կամ` պատահաբար:

Հաճոյակատարութեան համար գինեձօնի ներկայ ըլլալ ո՛չ արուեստասիրութիւն է, ո՛չ ալ արուեստի գնահատում:

Նորերու գործերուն նկատմամբ մարդիկ կ՛ունենան վերապահութիւն, քանի որ արուեստի գործերու գնահատման համար չափանիշներ չկան, եւ բանիմաց քննադատներու եւ ժամանակի դատումը կը սպասուի: «Արուեստի վաճառականները (marchands d՛art) յաճախ գիտակ անձեր են, բայց նաեւ կան անգրագէտներ, որոնք արուեստասէրները շփոթի կը մատնեն: Ոմանք ալ արուեստով կը հետաքրքրուին ընկերային կեանքի մէջ ընդունելի կամ երեւելի ըլլալու համար, ցուցահանդէսներու ներկայ կ՛ըլլան առաջին օրը մանաւանդ, երբ դասակարգ կը կարծեն փոխել քսակի պարարտացման ընձեռած իրաւունքով, գեղանկար մըն ալ գնելով:

Իրաւութեամբ յատկանշուող ստեղծագործողը կրօնական հաւատացեալի պէս է, կ՛ուզէ ներկայէն անդին երթալ, ձեւով մը մահը յաղթել, իր գործին ճամբով հետք ձգել, անմահանալ: Այդպէս է, որ կտաւին վրայ բիւրաւոր գոյն քսողներէն տաղանդաւորները կ՛անջատուին, մեծերը, որոնք կը յիշուին, ինչպէս բիւրաւոր հաւատացեալներէն եւ իրենց ժամանակի հռչակաւոր կրօնականներէն քիչեր կը սրբացուին եւ որպէս այդպիսին կ՛ընդունուին ժողովուրդին կողմէ:

Արուեստասէրը կամ հաւատացեալը կը հաղորդուին, կամ` կը կարծեն հաղորդուիլ, ստեղծագործողի աշխարհին կամ կրօնական խորհուրդին հետ: Չ՛արժեր խօսիլ այն մասին, որ արուեստը զարդ եւ գեղօր համարողներ կան, կրօնական ապրումը կեղծողներ, ինչպէս` Մոլիերի հռչակաւոր «Թարթիւֆ»-ը, կամ` գերիրապաշտ նկար գնող շփացածը, որ չի գիտեր, թէ ո՛ր կողմէն պիտի կախէ զայն, նաեւ` գրոց-բրոցներ, որոնք գրականութիւն կը խաղան ձեւերու կառչելով, կամ` ուրիշի հանդէպ հիացումը դրօշի վերածելով: Կրկին կ՛արժէ յիշել Մոլիերի «Իմաստուն կանայք»-ը (Les femmes savantes):

Արուեստի հասկացողութիւնը զուտ ենթակայական է: Կարելի է գնահատումներ ընել արուեստի գործի «արհեստ»-ի բաժնի մասին, «թեքնիք»-ի մասին, կամ` գրողի լեզուի իմացութեան մասին, որոնցմէ անդին կը սկսի նիւթը գերանցող շնորհը, զոր կը կոչենք տաղանդ կամ հանճար:

Արուեստը ընդգրկուն է, նկարչութիւն, քանդակագործութիւն, երաժշտութիւն, գրականութիւն, բանաստեղծութիւն, որոնք արհեստէն անդինը նուաճելու համար կարիքը ունին խորքի: Մեր տան պատերուն ներկարարը գեղանկարիչ չէ, որքան որ ալ ճաշակաւոր եւ բծախնդիր մարդ ըլլայ: Այս բաղդատութիւնը կրնանք ընդհանրացնել ստեղծագործութեան բոլոր մարզերուն, նաեւ` կրօնական:

Արուեստի ընկալման եւ գնահատման վերաբերումները կը փոխուին ըստ ժամանակաշրջանի, ընկերատնտեսական միջավայրի եւ քաղաքակրթական զարգացման: Թանգարաններու մէջ գտնուող հին Յունաստանի գեղակերտ մարմարեայ սպիտակ թափանցիկութեամբ արձանները մեր հիացման առարկաներն են: Ոչ ոք զանոնք կ՛երեւակայէ գունաւորուած վիճակի մէջ` կարմիր, կանաչ, կապոյտ: Բայց անոնք այդպէս եղած են իրենց ստեղծագործութեան պահուն, այդպէս եղած են այսօր մեզի ներկայացող սպիտակ քարերով կանգնած եկեղեցիները: Նոյնքան յատկանշական է մեզի աւելի մօտ օրերուն լուսանկարչութեան բերած յեղափոխութիւնը գեղանկարչութեան յարաբերաբար: Վերածնունդի մեծ վարպետներու գործերը իրականութեան հարազատութեան տուրք կու տան, երբ կը ներկայացնեն դիմանկարներ, նոյնիսկ երբ զանոնք կը փոխադրեն հերոսական եւ դիւցազնական աշխարհի մէջ: Արդի գեղանկարչութիւնը այդ «իրապաշտական» պարտադրանքէն ձերբազատեցաւ լուսանկարչութեան բերած մեկնաբանութիւն չպահանջող իրապաշտութեամբ: Թէեւ նոյն այդ լուսանկարչութիւնը փորձած է ինքզինք զինք ազատել մեքենական իրապաշտութենէն` որոնելով լոյսերու եւ արտայայտութիւններու այլապէս «խօսուն» պահեր, որոնց քովէն մենք կ՛անցնինք առանց տեսնելու եւ զգալու, մինչ արուեստագէտ լուսանկարիչը զանոնք այլապէս «կը բռնէ» եւ կը բերէ մեզի հետ հաղորդութեան` փոխանցելով անմիջականէ անդին գտնուող «գերիրականութիւն» մը:

Այդպէս են նաեւ երաժշտութիւնը, գրականութիւնը: Օրուան լուրերուն մէջ անպակաս են ոճիր-արկածի, քաղաքական եւ տնտեսական կեանքի, սիրարկածի, նախանձի դէպքերը: Անոնք ո՛չ երաժշտութիւն են, ո՛չ ալ գրականութիւն, կրնան անոնց մեկնակէտը ըլլալ, հում նիւթը: Արուեստը կը սկսի, արուեստագէտը եւ արուեստասէրը կը յայտնուին, երբ այդ հում նիւթէն աւելին կը ստեղծուի, եւ հաղորդութիւնը տեղի կ՛ունենայ արուեստասէրին եւ ընթերցողին հետ: Եթէ գեղանկարը, քանդակը, երաժշտութիւնը, բանաստեղծութիւնը եւ գրական երկը այդ աւելիով չգրաւեն արուեստասէրը, անոնց գնահատումը կ՛ըլլայ հաճոյակատարական դատարկաբանութիւն, ինչ որ կը կատարուի յաճախ գրախօսականի մը պարագային, նկարչական ցուցահանդէսէ կամ երաժշտական երեկոյէ մը ետք:

Իրաւ արուեստը, ան ըլլայ գրականութիւն, բանաստեղծութիւն, գեղանկար, երաժշտութիւն, քանդակ, նոյնիսկ երբ «իրապաշտ» է, կը յատկանշուի իրականութեան գերանցումով: Մեր տան փողոցը այդքան է, երբ կը նկարուի, երբ անոր ձայները կը յայտնուին երաժշտութեան մէջ, երբ բանաստեղծի բառով կեանք կը ստանան, կը դառնան ստեղծագործութիւն եւ արուեստ: Այդ առաւելը կը կոչենք ներշնչում, տաղանդ: Աստուածամօր «միտք»-ը, երբ վերածուած է պատկերի կամ քանդակի, երբեք նոյնը չէ եղած` հակառակ եղած «ապսպրանք»-ին, բացի այն պարագայէն, երբ անտաղանդը ընդօրինակած է:

Հայկական ստեղծագործական աշխարհին մէջ կան տաղանդաւորներ, բայց բանակ են բառերով եւ ներկերով գինովցողները: Քաջալերելու բարի եւ վնասակար ախտով, յաճախ նաեւ ընկերահամակրական մղումներով անկարելի կը դարձնենք իրական արժէքներու գնահատումը: Եւ կը զարմանանք, որ փառասիրութիւններ չեն բաւարարուիր, անուններ հազուադէպերէն արտահայկական ճանաչում կը գտնեն, կը միջազգայնանան:

Այս ծանծաղումին պատճառը իսկական քննադատութեան բացակայութիւնն է, գրականութեան եւ արուեստի մարզերուն մէջ, այդպէս էր խորհրդային օրերուն, երբ մրցանակ կամ շքանշան ստանալու համար Լենին եւ Ստալին պէտք էր գովել եւ կը գովէին:

Գովերգականէ, կողմնապաշտականէ, ընկերահամակրականէ տարբեր «քննադատութիւն» պիտի ունենա՞նք օր մը` իսկական արժէքները գնահատելու համար: Պատահա՞ծ է, որ էջ մը տեսնենք օր մը` ուր գրական էջի մը համար ըսուի, որ` «եթէ չըլլար ալ կ՛ըլլար», գեղանկարի մը համար ըսուէր` «խոհանոցի պատէն կախուէր` աւելի լաւ կ՛ըլլար եւ հոն մնար», այս երգը կամ այդ երաժշտութիւնը մնային գինետան մէջ … Հանդիպա՞ծ էք բնաւ նման արտայայտութեան:

Կը յիշեմ զրոյցս հարստացած համեստ անձի մը հետ, որուն ըսած էի, որ իր նորաշէն գեղակերտ տան համար գեղանկարներ գնէր, եւ ան ըսած էր, որ ինք տեսարաններ կը նկարէ, գունաւոր կը տպէ եւ անոնցմով իր բնակարանը կը զարդարէ: Զանգուածը հարկ է լուսաւորել, որպէսզի իր գունաւոր լուսանկարներով չբաւականանայ, սրահներու բարձրախօսներու «շահաբեր» գոռում-գոչիւնը երաժշտութիւն չհամարէ:

Մեր միջավայրին համար այսինչ կամ այնինչ «յայտնի» գրողը կամ նկարիչը ընդօրինակել եւ կապկել ո՛չ գրականութեան եւ ո՛չ ալ արուեստի զարգացման կը նպաստեն: Ճիշդ հակառակը տեղի կ՛ունենայ. ճահճացում:

Քաջալերել` յաճախ կը խափանէ արժէքի ճիշդ գնահատման ուղին:

Եթէ կ՛ուզենք ունենալ, եթէ ունինք արժէքաւոր ստեղծագործութիւններ, զանոնք հարկ է ենթարկել անկապանք քննարկումի եւ քննադատութեան` փոխանակ ասոր կամ անոր թելադրելու, որ` «այդ գործի մասին բան մը գրէ»:

Հայաստան աւելի դիւրին պիտի ըլլայ այս մտաւորական յեղափոխութիւնը, պետութիւն կայ, սկզբունքով կայ ազատ մամուլ, մինչ սփիւռք(ներ)ը բռնուած է համայնքային եւ կողմնապաշտական բազմաթել ցանցերու մէջ: Տարբեր կարծիք ունենալ կամ քննադատել` կը դիմաւորուին որպէս թշնամութիւն:

27 յունուար 2016, Նուազի-լը-Կրան

«Ոսկիէ Վանդակ»

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Քոյր, եղբայր եւ համայն հարազատներ` իրենց ընտանիքներով, պապիկներով ու տատիկներով, մեծերով ու փոքրերով, Հայաստանէն ժամանող օդանաւի հասնելէն ժամեր առաջ հասած են Լոս Անճելըսի «Թամ Պրատլի» օդակայանը` դիմաւորելու Երեւանէն ժամանող իրենց գերդաստանի վերջին ընտանիքը: Միւսները տարիներէ ի վեր կը «վայելեն» Ամերիկան:

Օդանաւը էջք կատարած է, եւ «շքախումբը» կ՛ուղղուի դէպի Հոլիվուտի «Լիթըլ Արմինիա» թաղամասը:

«Մեծն» Հայաստանէն` «Փոքրիկ Հայաստան»:

– Պրծա՛նք:

– Աչքերնիդ լո՛յս:

Երջանիկ են: Գերդաստանը ամբողջութեամբ փոխադրուած է Լոս Անճելըս:

Հարազատներու խնդրանքներուն, «աղաչանքներուն» եւ քաջալերական խօսքերուն ընդառաջելով է, որ վերջապէս համաձայնած էին միանալ եւ բոլորը միասին վայելել Ամերիկայի «շքեղ» կեանքը:

– Մի անգամ պիտի ապրենք, էլի՛ թող որ «մարդու» նման ապրենք,- թութակի նման յաճախ կրկնուած նախադասութիւն մը:

* * *

Լոս Անճելըս ժամանումէն քանի մը օր ետք առաջին պտոյտը` դէպի «Լոյսերու քաղաք», Լաս Վեկաս, «բախտերնին փորձելու, ուրկէ կը վերադառնան քանի մը հարիւր տոլար շահով:

Ազգականներէն իւրաքանչիւրը հերթի կը սպասէ պտոյտներով «շլացնելու» իրենց նոր ժամանած հարազատները: Կը ջանան լաւ տպաւորել նոր ժամանողները:

Տիզնիլենտ, Եունիվըրսըլ սթիւտիոզ, Սան Տիեկօ սի ուըրլտ, ամիս մը չանցած` արդէն իսկ այցելած, վայելած ու շլացած են: Երջանիկ են, նաեւ կը զղջան աւելի կանուխ եկած չըլլալնուն համար եւ այդ տարիները «ժամանակի կորուստ» կը համարեն:

Հաճոյքները իրարու կը յաջորդեն: Հարսանիք, ճաշկերոյթ եւ երգահանդէսներ անպակաս են: Մոռցած են, որ տակաւին հարազատներու մօտ կը մնան, եւ հարկաւոր է գործ փնտռել, աշխատիլ եւ տուն մը վարձելու մասին մտածել:

Օդակայանէն տուն վերադարձին հարազատները իրարու հետ կը «կռուէին»: Իւրաքանչիւրը կը փափաքէր իր տունը պահել: Շատ չանցած` սկսած են իրարու «հրամցնել»:

– Մի քիչ էլ ուրիշին տանը թող մնան, էլի՛:

4 հոգի հաշուող ընտանիք մը մէկ ննջարանով յարկաբաժինի մէջ, ոչ մէկ տանտէր կ՛ընդունի, իսկ 2 ննջարանով յարկաբաժնի մը ամսական վարձքը իրենց ակնկալածէն շատ աւելի բարձր է եւ ոչ դիւրամատչելի` տակաւին անգործ ընտանիքի մը համար:

Մեծ դժուարութեամբ կը յաջողին ոչ այնքան մաքուր շրջանէ մը երկու ննջարանով  յարկաբաժին մը վարձել ու կը փոխադրուին իրենց նոր բնակարանը:

Ցած առաստաղով, շրջապատուած` աղմկոտ դրացիներով, երկրորդ յարկի վրայ, երկու փոքր սենեակներով յարկաբաժին մը:

Տան պատշգամին վրայ, կամ շէնքի մուտքին ծխելը արգիլուած է: Ամուսինը մոլի ծխող է ու կը ստիպուի շէնքէն բաւական հեռու վայր մը երթալ ծխելու «հաճոյքը» գոհացնելու համար: Յաճախ կը ծուլանայ եւ կը ծխէ տունէն ներս, երեխաներուն համար այնքա՜ն հակաառողջական, թէպէտեւ Հայաստանի մէջ շատ բնական եւ ընդունուած սովորութիւն է այդ մէկը:

Նոր տունը փոխադրուած շաբաթավերջին հարազատները իր տունը կը հրաւիրէ «մի լաւ քէֆ անելու»: Նոր գնած կրակարանը կը զետեղէ տան պատշգամը ու տակաւին խորովածը չաւարտած` հրշէջի եւ ոստիկանական ինքնաշարժներ կը հասնին շէնքի մուտքին եւ անմիջապէս մարել կու տան կրակը: Դրացիներէն մէկը տեղեկացուցած է «անօրէն» արարքը:

«Էս ի՞նչ տեսակ երկիր է, ա՛յ մարդ, անգամ քո տան մէջ, չես կարող ո՛չ ծխել, ո՛չ էլ խորոված սարքել»:

* * *

Լաս Վեկաս եւ մնացեալ հաճոյքի վայրերը այցելելէ ետք, վերջապէս կը մտածեն այցելել իրենց հարազատներու գերեզմանները:

Առաջին յուսախաբութիւն:

Երեւանի մէջ մեծ կարեւորութիւն կը տրուի եւ բաւական մեծ գումարներ կը ծախսուին ննջեցեալներու գերեզմաններուն վրայ շիրմաքարեր կառուցելու: Յաճախակի այցելութիւն` գերեզմանատուն, ուր նաեւ տեղի կ՛ունենայ կերուխում` «ընկերակցութեամբ» իրենց հանգուցեալներուն:

Լոս Անճելըսի գերեզմանատուներու մէջ չեն հանդիպիր շիրմաքարերու: Մետաղեայ փոքրիկ ցուցանակի մը վրայ նշուած է հանգուցեալին ծննդեան ու մահուան թուականները: Նոյնիսկ խաչ չէ զետեղուած, եւ իրենց վերջնական հանգստարանը շրջապատուած է տարբեր ազգի եւ կրօնի «դրացիներով», մինչ ընտանիքին մահացած տարբեր հարազատներէն իւրաքանչիւրը թաղուած է միւսներէն բաւական հեռու տարբեր վայրի մէջ:

Երեխաներէն մէկը չափէն աւելի ջերմութիւն ունի, եւ կը փոխադրեն իրենց բնակած շրջանի ամէնէն մօտիկ հիւանդանոցը:

Չունին բժշկական ապահովագրութիւն եւ մէկ գիշերուան հիւանդանոցի այցելութեան համար կը վճարեն Լաս Վեկասէն շահուած գումարին գրեթէ կրկինը:

Խորհրդային տարիներուն խորհրդային երկիրներէ ժամանողները կը ստանային պետական նպաստ եւ ձրի բժշկութիւն: Ներկայիս ժամանակները փոխուած են: Խորհրդային Միութիւն գոյութիւն չունի եւ Միացեալ Նահանգներ կարիքը չեն զգար այդ քարոզչութեան, ի մասնաւորի` անոնց համար, որոնք ժամանած են որպէս զբօսաշրջիկներ, եւ իրենց կեցութեան արտօնագրին թուականը արդէն իսկ աւարտած է:

Անբացատրելի դժուարութիւններ իրարու կը յաջորդեն: Ամուսինը չնչին աշխատավարձով, «տակից», կ՛աշխատի հայու մը մօտ, որ առիթէն օգտուելով` կը շահագործէ անօրէն աշխատող գործաւորը ու կը վարձատրէ օրինաւոր նուազագոյն սակէն շատ աւելի նուազ աշխատավարձով:

Կինը, որ Երեւանի մէջ «կեանքում չէր աշխատած», ստիպուած` կ՛աշխատի դարձեալ հայուհիի մը քով` փոքր երեխաներու նայելով, եւ նմանապէս կը վարձատրուի չնչին աշխատավարձով մը:

Երեխաները կը յաճախեն պետական վարժարան: Անգլերէն լեզուին` բոլորովին անծանօթ: Ծնողքը նոյնպէս անծանօթ են անգլերէնին եւ կարելիութիւնը չունին երեխաներու դասերուն օգնելու:

Սկսած են տրտնջալ, եւ զղջումի նշաններ ի յայտ կու գան:

Հարազատները կը ջանան մխիթարել:

– Համբերութիւն է պէտք, էլի՛: Մի օր լաւ կը լինի: Ո՞վ ասաց, որ մենք հէնց առաջին օրից դրախտի մէջ էինք ապրում:

Ըստ երեւոյթին, ներկայիս «դրախտի» մէջ են:

Գանգատները օրէ օր կը բազմապատկուին:

– Արա՛, մեր ի՞նչ գործն էր, որ թողեցինք մեր հայրենիքը եւ եկանք էս «աֆերիստ» երկիրը:

Երեւանի տուներնին չնչին գումարով ծախուած է: Հետերնին բերած գումարը` շատոնց սպառած:

* * *

Հայը միշտ գաղթական եղած է:

1915: Ջարդ, կոտորած եւ գաղթ:

Արեւմտահայաստանն ու Կիլիկիան դատարկուած են, իսկ մայր հողի վրայ մնացողները` բռնի իսլամացած:

Քանի մը տասնամեակ հազիւ անցած` ունեցանք սփիւռք: Դպրոց ու եկեղեցի:

Միջին Արեւելքի մէջ բարգաւաճեցաւ հայութիւնը: Ունեցանք մամուլ եւ մարզական միութիւններ:

1947: Շռայլ խոստումներու հաւատք ընծայելով, բարգաւաճ ապրելակերպի մը ակնկալութիւններով` զանգուածային ներգաղթ, եւ կարճ ժամանակ ետք` յուսախաբութիւն:

Ներգաղթողներէն շատեր աքսորուեցան Սիպերիոյ սառնամանիքները:

Միջին Արեւելքի քաղաքական խառնակ վիճակ: Պատերազմ ու աւեր:

Ակամայ արտագաղթ` Իրանէն, Իրաքէն, Լիբանանէն եւ Սուրիայէն:

Լոս Անճելըս սկսած է դառնալ սփիւռքի մեծագոյն գաղութներէն մէկը:

Շատեր գոհ են: Ուրիշներ` դժգոհ եւ իրենց ծննդավայրը կը փնտռեն:

«Պէյրութի ռումբերը հոսկէ լաւ են»:

«Մեր Հալէպը տարբեր էր»:

«Թեհրանի մեր բնակած տունը Սպիտակ տունէն աւելի մեծ ու շքեղ էր»:

Հալէպէն Քանատա հաստատուած գաղթական հայեր.

«Ժամանակին Սիպերիա կ՛աքսորուէին, իսկ ներկայիս կամովին մենք մեզ աքսորեցինք տարբեր «սառնարան մը»:

Ներկայիս ունինք վերանկախացած հայրենիք  մը: Ունինք երիտասարդ սերունդ մը,  որ արհեստագիտութեան մէջ կրնայ մրցիլ արեւմտեան որեւէ երկրի քաղաքացիներու հետ, սակայն արուեստագէտէն մինչեւ համակարգչային մասնագէտը գործ ճարելու դժուարութեան մէջ են:

Չքաւորութեան պատճառով տուներ, հողաշերտեր եւ տարբեր տեսակի կալուածներ սկսած են ծախուիլ օտարներու:

Սէուտական Արաբիայէն, Քաթարէն եւ Իրանէն բաւական մեծ թիւով օտարներ արդէն իսկ կալուածատէրեր դարձած են… մեր հայրենիքի հողին վրայ:

Խորհրդային տարիներուն յայտնի արուեստագէտներ կ՛այցելէին սփիւռքի զանազան գաղութներ ու կը վերադառնային հայրենիք:

Ներկայիս երիտասարդ արուեստագէտներ նոյնպէս կ՛այցելեն զանազան հայկական գաղութներ, սակայն անգամ մը որ մուտք գործեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, կը մնան հոն, հոգ չէ թէ՛ անօրէն ու բանտարկուած, կը մնան «Ոսկիէ վանդակի» մը մէջ:

Քանի մը հարիւր ներգաղթողներու դիմաց, տասնեակ հազարաւորներու արտագաղթը յուսահատական կը դարձնէ մեր հայրենիքի ապագան:

Արտագաղթը կասեցնելու որպէս միջոց` «Երկաթէ վարագոյր» գոյութիւն չունի, սակայն օտարներուն կալուած ծախելու արգելքը կարելի է օրէնքի վերածել: Նմանօրինակ օրէնքներ արդէն իսկ գոյութիւն ունին Ծոցի արաբական կարգ մը երկիրներու մէջ, ուր նոյնիսկ մեր ազգային կալուածները` դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, արձանագրուած են վստահելի տեղացիի մը անունին, սակայն այդ «վստահելի» անձին մահէն ետք իր ժառանգորդներուն որքանո՞վ կարելի է վստահիլ:

Հարցական է:

* * *

Անդադար վէճ ու վիճաբանութիւն` երկու ամուսիններու միջեւ: Իւրաքանչիւրը մէկը միւսը  յանցաւոր կը նկատէ Երեւանէն արտագաղթելու սխալին համար, մինչ երեխաները ուրախ են: Սկսած են տան ճաշերը չհաւնիլ: Կը նախընտրեն «պուրկուր»-ը (հեմպըրկըր) եւ «փիցցան»:

Ամուսինը կ՛առաջարկէ վերադառնալ եւ Երեւանի մէջ գործ մը չճարելու պարագային` «Կ՛երթամ Ռուսաստան աշխատելու», մինչ կինը`

– Շուտուանից, որ գայինք, մենք էլ կառավարութիւնից նպաստ կը ստանայինք»:

Քոյր, եղբայր եւ համայն հարազատներ` իրենց ընտանիքներով, պապիկներով ու տատիկներով, մեծերով ու փոքրերով հասած են Լոս Անճելըսի «Թամ Պրատլի» օդակայանը` ճամբու դնելու իրենց գերդաստանի միակ ընտանիքը, որ յուսախաբութիւններով լեցուն` վերջնականապէս կը վերադառնայ մայր հայրենիք:

– Հայրենիքիս չոր հացը օտար երկրի կարկանդակին հետ չեմ փոխի:

Լոս Անճելըս, 2017

Գաղափարական Հարցեր. Աշխարհի Ամէնէն Երիտասարդ Վարչապետը

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

1 օգոստոս 2017-ին, Նիւ Զելանտայի ընդհանուր ընտրութիւններէն եօթը շաբաթ առաջ, Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Անտրօ Լիթըլ դիմեց իր հրաժարականը տալու քայլին` իր կուսակցութեան ապահոված ցած արդիւնքներուն պատճառով: Ղեկը ստանձնեց իր փոխանորդ Ճեսինտա Արտըրնը` դառնալով Աշխատաւորական կուսակցութեան երկրորդ իգական սեռի ղեկավարը`  Նիւ Զելանտայի նախկին կին վարչապետ եւ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի (Եու. Էն. Տի. Փի.) ղեկավար Հելլեն Քլարքէն ետք:

Ճեսինտա Արտըրն` 37-ամեայ կին քաղաքապետը, Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան նախկին նախագահն է` իրերայաջորդ երկու տարիներ շարունակ (2008-2010):

Փոքր տարիքէն (17 տարեկանէն) անդամակցած է Աշխատաւորական կուսակցութեան, աշխուժ դերակատարութիւն ունեցած է կուսակցութեան երիտասարդական թեւին մէջ եւ երիտասարդ տարիքէն վարած է քաղաքական պաշտօններ, ինչպէս` Նիւ Զելանտայի վարչապետ Հելլեն Քլարքի աշխատակազմին մէջ հետազօտող եւ Մեծն Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Թոնի Պլերի աւագ քաղաքական խորհրդական:

2008-ին Արտըրն կը վերադառնայ Մեծն Բրիտանիայէն եւ կ՛ընտրուի Նիւ Զելանտայի խորհրդարանի անդամ` դառնալով Նիւ Զելանտայի խորհրդարանի ամէնէն երիտասարդ անդամը:

Ճեսինտա Անտըրն իր քաղաքական կեցուածքները կը նկարագրէ իբրեւ ընկերվար-ժողովրդավարական եւ ֆեմինիստական. ան իր կեցուածքները բացայայտօրէն արտայայտած է իր հանրային ելոյթներուն ընթացքին:

Նիւ Զելանտայի Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկը ստանձնելէն ետք, Ճեսինտա Անտըրն խորհրդարանին մէջ ելոյթ ունենալով ըսաւ. «Յաճախ կը խօսիմ անտառային պզտիկ քաղաքի մը մասին, ուր ես ապրած եմ` տանջուած անգործութեամբ եւ աղքատութեամբ: Բայց, երբ դուն անչափահաս ես, հաւանաբար չես տեսներ քաղաքականութիւն. դուն հաւանաբար կը տեսնես անարդարութիւն: Երբ դուն կը փնտռես առաջին տունդ (գնելու համար) կամ երբ կը դիմագրաւես բարձր վարձքեր, դուն հաւանաբար չես տեսներ քաղաքականութիւն. դուն միայն կը տեսնես յոյսի պակաս: Ոեւէ մէկը քաղաքագէտներէն չի պահանջեր արծաթէ գնդակ,  բայց բոլորն ալ կը պահանջեն նոր յոյս տուող գաղափարներ, որոնք փոփոխութիւն կը խոստանան անոնց: Մեր տեսլականը աւելի լաւ, արդար Նիւ Զելանտայի ապագային համար է: Տեղ մը, ուր ամէն անհատ, անկախ ապրած վայրէն ու եկամուտէն, կը ստանայ ամէնէն լաւ կրթութիւնը եւ կը զարգանայ»: Ահա այս տողերուն մէջ կը գտնուին Արտըրնի ընկերվար- ժողովրդավարական արժէքները:

Շարունակելով իր գաղափարական ուղղութիւնները արտայայտել` նիւզելանտական «Նիուզրում» լրատուամիջոցին հետ իր հանդիպումին ընթացքին Ճեսինտա Անտըրն յայտարարեց. «Շատեր կ՛ըսեն, թէ ես արմատական եմ. ես Մորինզվիլէն (արդիւնաբերական գործարաններով լի քաղաք) եմ. ուրկէ որ եմ, այնտեղ արմատական ըսելով կը հասկցուի, թէ մէկը «Թոյոթա» մակնիշի ինքնաշարժ կը նախընտրէ վարել, քան «Ֆորտ». ես ընկերվար-ժողովրդավար եմ. ես մեծապէս կը հաւատամ մարդու իրաւունքներուն, ընկերային արդարութեան, հաւասարութեան, ժողովրդավարութեան եւ հասարակական դերակատարութեան արժէքներուն»: Ան աւելցուց. «Մեր բարեկեցիկ պետութիւնը անհրաժեշտ է խոցելիութեան դէմ եւ նեցուկ կը կանգնի բոլոր անոնց, որոնք իրենք զիրենք չեն կրնար իրենց սեփական ուժերով ոտքի կանգնեցնել»:

Նիւզելանտական «Թի. Վի. 3» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուող «Տը Փրոճեքթ» բանավիճային յայտագիրին ընթացքին յայտագիրին հեղինակը անոր հարցուց, թէ «բազմաթիւ կիներ Նիւ Զելանտայի մէջ կը զգան, թէ պէտք է ընտրեն կա՛մ երեխաներ ունենալ, կա՛մ ալ իրենց կեանքի ասպարէզը շարունակել. ուրեմն, ա՞յս է քու ընտրութիւնդ (վարչապետ դառնալ)»: Անոր համար պարզ բան մըն էր մէկ կողմէ կին ըլլալ, իսկ միւս կողմէ շարունակել իր կեանքի ասպարէզը: Ան իր այս համոզումը արտայայտեց հետեւեալ տողերով. «Ըստ ինծի, իմ դիրքս տարբեր չէ այն կնոջմէ, որ 3 գործ կ՛աշխատի կամ ալ այնպիսի դիրքի մը վրայ է, ուր ունի բազմաթիւ պատասխանատուութիւններ»:

Նոյն պատկերասփիւռի կայանի առաւօտեան «Տը Էյ. Էմ. Շոու» բանավիճային յայտագիրին խօսնակը Անտըրնին հարցուց, թէ` «լա՞ւ բան է վարչապետի մը համար, որ մայրութեան արձակուրդ առնէ, երբ ան կը գտնուի պաշտօնական դիրքի վրայ»: Ան զայրացած պատասխանեց. «Անընդունելի է կնոջ մը համար 2017 թուականի ընթացքին պատասխանել այդ հարցումին` աշխատավայրին մէջ. 2017-ին կնոջ որոշումն է երեխայ ունենալը»:

Աւելի խորանալով կիներու իրաւունքներուն հարցով, «Թի. Վի. Էն. Զետ.» կայանի պատկերասփռած «1 Նիուզ» յայտագիրը կազմակերպած է բանավէճ մը, որուն եւս մասնակցած էր Անտըրնը (Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը ստանձնելէ առաջ). բանավէճը վիժումի հարցին մասին էր, որովհետեւ Նիւ Զելանտայի 1961-ի քրէական օրէնսգիրքին մէջ իբրեւ ոճիր ներառուած է նաեւ վիժումը: Բանավէճին ընթացքին ան ըսաւ. «Նիւզելանտացիները անակնկալի պիտի գան, երբ տեսնեն, թէ վիժումը մաս կազմած է 1961-ի քրէական օրէնսգիրքին»: Ան բացայայտօրէն կոչ ուղղեց` վիժումի ապաքրէականացման եւ օրինականացման:

Նիւ Զելանտայի ընդհանուր ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 23 սեպտեմբերին` ընտրելու համար երկրին 52-րդ խորհրդարանը, որ այսօր կը գտնուի պահպանողական Ազգային կուսակցութեան մեծամասնութեան ձեռքը: Եթէ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը յաղթէ ընտրութիւններուն, Ճեսինտա Արտըրնը պիտի դառնայ Նիւ Զելանտայի իգական սեռի երրորդ վարչապետը, աշխատաւորականներու երկրորդ իգական սեռի ղեկավարը, իսկ աշխարհի ամէնէն երիտասարդ ընտրուած ղեկավարը:

 

 

Ակնարկ. Հայկական Կողմը Կ՛իրականացնէ Միջազգային Ընտանիքին Վերապահուած Գործառոյթները

$
0
0

«Հակառակորդի ռազմաքաղաքական մարտավարութիւնն ու մեր անելիքները» կարգախօսով եւ Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ կայացած խորհրդաժողովին հնչած միտքերէն եւ առաջադրանքներէն կարելի է ամփոփել  հետեւեալները.

Ա. Պատերազմի մարտահրաւէրի առջեւ կանգնած ենք եւ պարտաւոր ենք նոր նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ:

Բ. Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը նոր քայլերու կը ձեռնարկէ, որպէսզի Արցախը գործակցի արտասահմանեան երկիրներու քաղաքներուն հետ, ինչ որ պիտի նշանակէ Արցախի մասամբ ճանաչում:

Գ. Հաշուի առնելով Ազրպէյճանի փաստացի հրաժարումը խաղաղ կարգաւորման պահանջներէն` մենք ունինք բոլոր հիմքերը, մեր կողմէ արդարացուած են այն բոլոր միջոցները, որոնք կոչուած են ամրապնդելու Արցախի եւ Հայաստանի միասնական անվտանգութեան համակարգը:

Դ. Արցախեան ազատամարտի յաջողութիւնները ամրապնդելու եւ հիմնախնդիրի հայանպաստ լուծումը կանխորոշելու նպատակով իրականացնել Արցախի վերաբնակեցումը եւ հիմքեր ստեղծել ապահովելու ատոր միջազգային աջակցութիւնը:

Ե. Եթէ Ազրպէյճան կը շարունակէ մերժել եւ խոչընդոտել հրադադարը վերահսկող գործիքակազմերու տեղակայումը, ատիկա պէտք է իրականացնէ հայկական կողմը:

Զ. Հիմա բաւականաչափ զինուորական սարքաւորումներ ձեռք բերուած են: Կարելիութիւն կայ նաեւ առցանց դրութեամբ դիտարկելու մարտավարական գօտիի իրավիճակը:

Է. 1994 թուականէն Պաքուի ռազմական հզօրութիւնը գերազանցած է հայկականը: Սակայն ատով կարելի չէ գնահատել, թէ մենք պարտուած ենք պատերազմին մէջ: Կան բազմաթիւ գործօններ, որոնց շնորհիւ ռազմական գործողութիւնները  կրնան այլ ելք ունենալ: Կարեւորը զօրքի որակն է:

Խորհրդաժողովին հնչած զեկուցումները, մասնագիտական գնահատականները եւ անոնց հիման վրայ կայացած քննարկումները թէ՛ կարճաժամկէտ եւ թէ՛ երկարաժամկէտ կտրուածքներով կը բանաձեւեն ապրիլեան պատերազմին անմիջականօրէն յաջորդած ժամանակաշրջանին եւ անկէ մեկնած նաեւ խաղաղ բանակցութիւնները ականահարող Պաքուի պահուածքին դիմաց հայկական կողմի որդեգրած եւ որդեգրելիք քայլերը:

Տարբեր երկիրներու նահանգային եւ քաղաքային մակարդակներու վրայ տարուելիք աշխատանքներուն նոր զսպանակում տալու որոշումին հրապարակումը, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման նոր խթան կը հաղորդէ անպայման եւ աշխարհատարած ցանցային կառոյցի քաղաքական աշխատանքներուն նոր թափ կ՛ապահովէ: Կապակցուած գործօններով կը բացատրուին նաեւ տարածքներու բնակեցման բարդ, այլապէս ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հիմնակէտի առարկայացման պատճառները: Որքան ալ անմիջականօրէն նախաձեռնելի աշխատանքներ ըլլան, այս ուղղութիւնները համեմատաբար երկարաժամկէտ աշխատանքի բնոյթ ունին:

Ինչ կը վերաբերի ամէնէն հրատապ հանգոյցին, որ զերօ կէտին վրայ կը պահէ խաղաղ բանակցային գործընթացի ապասառեցման ամէն տեսակի միտում, ապա անիկա կը վերաբերի Վիեննայի եւ Փեթերսպուրկի յանգած որոշումներուն` շփման գիծի երկայնքին մշտադիտարկման եւ հետաքննութեան գործիքակազմերը տեղադրելու եւ համապատասխան առաքելութիւն իրականացնելու:

Այս առումով, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի օփերաթիւ բաժինի պետ, գնդապետ Վիքթոր Առուստամեանի յայտնած առաջադրանքներուն եւ զեկուցական փոխանցումներուն միջեւ կայ համատեղելիութիւն, կիրարկուող ռազմական վարքագիծի հետեւողականութիւն:

Արմէն Ռուստամեանի տեսակէտով` եթէ Ազրպէյճանը կը շարունակէ մերժել եւ խոչընդոտել հրադադարը վերահսկող գործիքակազմերու տեղակայումը, ատիկա պէտք է իրականացնէ հայկական կողմը:

Մինչ Վիքթոր Առուստամեանի զեկուցումով` հիմա բաւականաչափ սարքաւորումներ ձեռք բերուած են: Անոր համաձայն, կարելիութիւն կայ նաեւ առցանց դրութեամբ դիտարկել մարտավարական գօտիի իրավիճակը:

Փաստօրէն, հայկական կողմը կը ստանձնէ միջազգային ընտանիքին որոշած, բայց ազրպէյճանական արգելքով չգործադրուած առաքելութիւնը: Անմիջապէս յիշենք ռազմափորձին մասնակցող խոցուած ուղղաթիռի դէպքն ու նահատակուած հայ զինուորներուն աճիւնները  վերադարձնելու պաշտպանական համակարգին իրագործած նուաճումը: Երբ Միջազգային կարմիր խաչն ու համապատասխան այլ կառոյցներ ձախողեցան վերացնել ազրպէյճանական արգելքը, հայկական կողմը ի՛նք իրականացուց առաջադրանքը:

Հիմա Արցախի զինեալ ուժերու ներկայացուցիչը կը յայտնէ, որ առցանց դրութեամբ կարելի է հետեւիլ մարտագօտիին վրայ արձանագրուող զարգացումներուն: Ոտնձգութիւնները, թափանցման փորձերը դիտարկելի են եւ նկարահանելի: Նկարահանումները կրնան տրամադրուիլ ԵԱՀԿ-ին, որ որոշած է նաեւ հետաքննել պատահարները:

Պատահարներու հետաքննութեան չկայացման պարագային, այդ առաքելութիւնը եւս կը ստանձնէ հայկական կողմը եւ այդպիսով իր վրայ վերցուցած կ՛ըլլայ միջազգային ընտանիքին վերապահուած շատ կարեւոր գործառոյթներ:

«Ա.»

Viewing all 12085 articles
Browse latest View live