Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12135 articles
Browse latest View live

«Ֆրեսքօ» Արդի Արուեստի Եւ Հոգեւոր Ժապաւէններու Փառատօնը Այս Տարի Պիտի Սկսի 25 Օգոստոսին Կարապի Լիճէն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

Հաղարծինի վանքին մէջ 11-12 օգոստոսին «Ֆրեսքօ» արդի արուեստի եւ հոգեւոր ժապաւէններու միջազգային փառատօնը կազմակերպած է ժապաւէններու բացօթեայ դիտումներ: Արդէն երկրորդ տարին է, որ «Ֆրեսքօ»-ն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի «Հաղարծինի շաբաթ» հոգեւոր եւ մշակութային փառատօնին կողմէ կը հիւրընկալուի:

«Ֆրեսքօ» փառատօնին ընդառաջ, ծրագիրի ծիրին մէջ ցուցադրուած են նախորդ տարիներու մրցանակակիր ժապաւէնները: Այս միջազգային իրադարձութեան նպատակն է հոգեւոր եւ մշակութային երկխօսութեան միջոցով նպաստել սիրոյ, համերաշխութեան եւ մարդասիրական բարձր արժէքներու վերահաստատման ու ամրապնդման:

Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստեան բարի երթ մաղթած է «Ֆրեսքօ»-ին եւ` նշած, որ յատկապէս այսօր կարեւոր է ժամանակակից արուեստի միջոցով հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու քարոզչութիւնը: Փառատօնի կազմակերպիչները շնորհակալութիւն յայտնած են «Ֆրեսքօ»-ի հոգեւոր պատասխանատու Բագրատ եպս. Գալստեանին` ընծայած առիթին ու փառատօնին աջակցելուն համար եւ` նշած, որ փառատօնը պէտք է կայանայ Հայաստանի այն բոլոր վայրերուն մէջ, ուր կան եկեղեցիներ եւ վանքեր, հնագոյն որմնանկարներ, խաչքարեր, ինչպէս նաեւ` հայու հզօր հաւատքի վկայութիւններ:

«Ֆրեսքօ» արդի արուեստի եւ հոգեւոր ժապաւէններու փառատօնը այս տարի կեանքի պիտի կոչուի 25 օգոստոսին, Կարապի լիճի տարածքին մէջ եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 3 սեպտեմբեր: Փառատօնի ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենան նաեւ` ժապաւէններու ցուցադրութիւն-քննարկումներ, համերգային ծրագիրներ, լուսանկարչական ցուցահանդէսներ, վարպետութեան դասեր եւ վրանային բանակում: Փառատօնի բոլոր ձեռնարկներուն մուտքը ազատ է:


Արցախի Անկախութեան Օրը Պիտի Նշուի «Սասունցի Դաւիթ» Օփերային Առաջին Ներկայացումով

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

1 սեպտեմբերին Շուշիի Ռէալական ուսումնարանի բացօթեայ տարածքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հարօ Ստեփանեանի «Սասունցի Դաւիթ» հերոսական օփերային համաշխարհային առաջին ներկայացումը: Սոյն ներկայացումը նուիրուած է Արցախի անկախութեան օրուան, Շուշիի ազատագրութեան 25-ամեակին եւ Հարօ Ստեփանեանի ծննդեան 120-ամեակին:

Նախագիծին հեղինակն ու գեղարուեստական ղեկավարը Սարինէ Աւթանդիլեանն է, գեղարուեստական խմբավարը` Սուրէն Շահինջանեանը (Ֆրանսա), բեմադրիչը` Արմէն Փիրի Մասիհին, պարուսոյցը` Արսէն Մեհրաբեանը (Շուէտ), խմբավարը` Սոնա Յովհաննիսեանը, դաշնակահարները` Զարուհի Թափչեանը, Լիւտմիլա Խորոզեանը, գծապատկերի բեմադրիչները` Սերժ Գաբեանը, Արմէն Փիրի Մասիհին, ոճաբանը` Սուէթլանան Խոմուտովան:

Օփերային իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի նուագախումբն ու պարախումբը, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի պետական «Հովեր» երգչախումբը: Իբրեւ մեներգիչներ հանդէս պիտի գան նաեւ Մկրտիչ Բաբաջանեանը (Գերմանիա), Հայկ Տիգրանեանը, Յովհաննէս Անդրէասեանը, Յովհաննէս Ներսէսեանը, Պերճ Քարազեանը, Սոֆիա Թումանեանը, Սիրանուշ Գասպարեանը, Արծուիկ Դեմուրճեանը, Նարինէ Անանիկեանը, Քրիստինէ Սահակեանը, Թամարա Դադոյեանը, Սարգիս Աղամլեանը եւ ուրիշներ:

Առաջնակարգ մենապարուհին Սուզաննա Փիրումեանն է: Հարօ Ստեփանեան «Սասունցի Դաւիթ» օփերան գրած է 1936 թուականին: Իսկ օփերայի բովանդակութեան համառօտ բեմագրութիւնը գրած է Դերենիկ Դեմիրճեանը` ըստ «Սասունցի Դաւիթ» հայ ժողովրդական դիւցազնավէպին:

«Սասունցի Դաւիթ» հերոսական օփերան իր ինքնատիպ վիպապատմողական երաժշտական լեզուով եւ ազգային ոգիով հայկական օփերա արուեստի զարգացման նշանակալից փուլը կը նկատուի: Ներկայացումը նախատեսուած էր կեանքի կոչել նախորդ տարի, սակայն որոշ խնդիրներու պատճառով յետաձգուեցաւ մէկ տարիով:

Պատմական Իրադարձութիւն Թիֆլիսի Մէջ. Թումանեանին Տունը Կրկին Բացաւ Իր Դռները

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

Յովհաննէս Թումանեանի թիֆլիսեան վերջին բնակարանին` Ամաղլեպա փողոցին վրայ գտնուող թիւ 18 տան մէջ 5 օգոստոս 2017 թուականին տեղի ունեցաւ «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտական եւ մշակութային կեդրոնին բացումը` նոր էջ մը բանալով հայ-վրացական մշակութային կապերու տարեգրութեան մէջ:

Յիրաւի այս իրադարձութիւնը պատմական է այն հանգամանքով, որ թիֆլիսահայ գաղութին վերադարձուեցաւ 100-ամեայ վաղեմութիւն ունեցող Մեծն Թումանեանի տունը, ուր ժամանակին սիրով հիւրընկալուած են` Աղայեանն ու Կոմիտասը, Շիրվանզադէն, Իսահակեանը, Փափազեանը, Մառը, Իաշվիլին, Տաբինծէն, Գրիշաշվիլին, Պրիւսովը եւ ուրիշներ, ուր կազմակերպուած են գրական զրոյցներ, ընթերցումներ, ասուլիսներ, տարագրուած եւ անտիպ երկերու քննարկումներ, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրուած են հայ, վրացական եւ համաշխարհային գրականութեան նմուշներ:

Վրաստանի անկախացումէն ետք հայկական գաղութէն օտարացած Ամենայն Հայոց բանաստեղծին տան ճակատագիրը օրհասական էր. յատուկ սեփականատիրոջ պատկանող չգործող գրադարանային հատուած եւ ժառանգներուն փոխանցուած կիսափուլ բնակարան:

Թումանեանի տունը իր օրինական սեփականատիրոջ յանձնուեցաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախկին նախագահ հանգուցեալ Լեւոն Անանեանի ջանքերով, որոնց աջակցեցան Գիւմրիի նախկին քաղաքապետ, ներկայիս Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վարդան Ղուկասեանը եւ  «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ»  հիմնադրամի համանախագահ Ռուբէն Վարդանեանը: Լրիւ նորոգուած եւ վիրահայոց թեմին նուիրաբերուած տան վերանորոգութիւնը, բարեկարգումը եւ կահաւորումը իրականացաւ «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկին եւ «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ»  հիմնադրամներու եւ թեմին միջոցով:

Անճանաչելի դարձած Յովհաննէս Թումանեանի տան բացման արարողութեան մասնակցեցան Մայր Աթոռի պատուիրակութիւնը, Վրաստանի, Հայաստանի պետական, քաղաքական գործիչներ, դիւանագէտներ, հիւրեր Ռուսիայէն եւ Հայաստանի տարբեր քաղաքներէն ու շրջաններէն, գաղութի կառոյցներու ղեկավարներ, թիֆլիսահայ մտաւորականներ:

Կեդրոնի բացման արարողութիւնը սկսաւ հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջեվանքի պանթէոնին մէջ Յովհաննէս Թումանեանի շիրիմին ծաղկեպսակի զետեղմամբ եւ վիրահայոց թեմի եւ Տաւուշի թեմի առաջնորդներուն նախաձեռնութեամբ կատարուած հոգեհանգստեան կարգով:

«Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտական եւ մշակութային կեդրոնին ժապաւէնը կտրեցին Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վարդան Ղուկասեանը, «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ»   հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Էդգար Մանուկեանը եւ «Ճինիշեան» յիշատակի հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու մայր գրասենեակի գործադիր տնօրէն Էլիզա Մինասեանը: Հոգեւոր դասին մասնակցութեամբ նոր բացուած կեդրոնին մէջ տնօրհնէքի արարողութիւն կատարուեցաւ:

«Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտական եւ մշակութային կեդրոնի գործունէութեան եւ ապագայի ուղեցոյցներու մասին բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ կեդրոնի տնօրէն Գայեանէ Յովսէփեանը:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի օրհնութեան եւ բարեմաղթանքի ուղերձը կարդաց Մայր Աթոռի պատուիրակութեան ղեկավար, Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստեանը, ներկայացուեցան Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Իուրի Վարդանեանին շնորհաւորագիրները:

Տունը գաղութին վերադարձնելու եւ վերանորոգման ու բարեկարգման աշխատանքներուն մասին վաւերագրական ժապաւէն ցուցադրուեցաւ:

Այնուհետեւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Նարինէ Թուխիկեանը, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը, Լեւոն Անանեանի որդին` «Արմէնփրես»-ի տնօրէն Արամ Անանեանը, Վրաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Մաղուալա Կոնոշվիլին, Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան նախագահ Ժորա Սնխչեանը, բանաստեղծ-թարգմանիչ Գիվի Շահնազարը, ինչպէս նաեւ` վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի տնօրէն Լեւոն Չիդիլեանը:

Ապա Ամենայն Հայոց բանաստեղծին տունը ազգային նպատակներով ծառայելու առումով շնորհաւորութեան խօսք արտասանեցին բարերարներն ու նուիրատուները:

Մեներգչուհի Աննա Բադալեանին երգը, Լիզա Թորոսեանին եւ Լեւոն Չիդիլեանին ասմունքը, Ժաննա Դաւթեանի տիկնիկային համադրութեամբ, փոխանցեցին այն անմար սէրը, որ ժողովուրդը տածած է իր մեծ բանաստեղծին նկատմամբ:

Ձեռնարկը եզրափակեց վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանը` երախտագիտական խօսքեր ուղղելով բոլոր բարեկամներուն, աջակցողներուն, անոնց կատարած ազգանուէր գործին եւ Թումանեանին տունը թիֆլիսահայ գաղութին վերադարձնելուն համար, ինչպէս նաեւ թիֆլիսահայ հանրածանօթ նկարիչներ Մերուժան Շահունեանին եւ Թենկիզ Միկոյեանցին աշխատած նկարներէն նուիրեց:

Ուշագրաւ է այն փաստը, որ հիւրերը նոյնպէս դատարկ ձեռքով չէին եկած: Կեդրոնին բացումը նուէրներով շնորհաւորեցին «Ջահ»-ի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սօս Սահակեանը, մոսկուայաբնակ Լամարա Աթոյեանը, թիֆլիսաբնակ Մերուժան Շահումեանը, Թենկիզ Միկոյեանցը, Վալիկօ Առաքելեանը եւ ուրիշներ:

Մեծն Թումանեանին տունը նոր բացուած կեդրոնին մէջ այսուհետեւ պիտի ծաւալէ գրական, գիտական եւ մշակութային գործունէութիւն, սրահներէն մէկը պիտի կրէ Լեւոն Անանեանին անունը, ուր տեղի պիտի ունենան հայ եւ վրացի գրողներու հանդիպումներ, գիրքերու քննարկումներ: Կեդրոնին մէջ պիտի կառուցուի նաեւ ազգագրութեան ուսումնասիրութեան եւ զարգացման, արուեստի գործիչներու մշակութային կապերու օճախ, մանկական ծաղրանկար, ՀԲԸՄ-ի համալսարանի մասնաճիւղ, վիրահայութեան հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան թանգարան եւ գրադարան:

Արամ Մանուկեանը Հանրապետութեան Հրապարակին Պիտի Մօտենա՞յ

$
0
0

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը առիթ պիտի ըլլայ արժեւորումներու եւ վերարժեւորումներու, որոնք մաղթելի է, որ զգացական-ենթակայական դաշտէն անդին անցնին (յուզական տարրի օգտագործումն ու շահագործումը պէտք է անխուսափելի համարել) եւ մնայուն նպաստ մը բերեն պատմական այդ վճռորոշ իրադարձութեան աւելի ճիշդ ընկալումին, յատկապէս` հանրութեան կողմէ:

Անհրաժեշտ կը դառնայ կարգ մը հիմնական հարցականներու պատասխանը գտնել: Արդեօք թաղումը պիտի կատարուի՞ հարիւրամեակի մը ընթացքին մեր հանրային կեանքը թունաւորող քաղաքական վիճաբանութիւններուն ու խծբծանքներուն, յամեցող հատուածական հաշուեյարդարի փորձերուն ու կիրքերուն: Արդեօք պատմագիտական լուրջ հետազօտութիւնն ու վիճարկումը պիտի դառնա՞ն պատմական դէպքին առաջնահերթ սեփականատէրը: Արդեօք ծագման խորհրդանշող պահը` «Մայիս 28-ը», պիտի սկսի՞ արմատաւորուիլ հասարակական մտքին մէջ` իբրեւ երեք բախտորոշ ճակատամարտերուն եւ անկախութեան յայտարարութեան ամբողջութիւնը:

Հրապարակին Վրա՞յ, Թէ՞ Հրապարակին Մօտ

Անցեալ 21 ապրիլին նախագահական հրամանագիր մը կը ստեղծէր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպման պետական յանձնաժողով մը` գլխաւորութեամբ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի: Այդ յանձնաժողովին երկու ամսուան պայմանաժամ տրուած էր` ձեռնարկներու նախագիծ մը ներկայացնելու: Տեղեակ չենք, թէ այդ նախագիծը աւարտած ու ներկայացուա՞ծ է հանրութեան:

Հաւանաբար բոլորովին անկախ ձեւով, երբ երկամսեայ այդ պայմանաժամը գրեթէ լրացած էր, Երեւանի քաղաքապետարանը կ՛որոշէր, ըստ «Երկիր-Մեդիա»-ի 22 յունիսի հաղորդումին, որ` «Հանրապետութեան հրապարակի մուտքում վեր է խոյանալու Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր, հայ ազգային-ազատագրական պայքարի, հասարակական-քաղաքական, ռազմական ականաւոր գործիչ Արամ Մանուկեանի յուշարձան-կոթողը»:

Սակայն «մուտք» ըսելը կրնար ենթադրել տալ, որ արձանը դրուելու է Լենինի երբեմնի արձանին տեղը, որ կը գտնուէր հրապարակի հարաւային կողմի մուտքին` այժմու Վ. Սարգսեանի եւ Խորհրդարանի փողոցներուն միջեւ: Արդ, Երեւան այցելած կամ անոր քարտէսին հարեւանցիօրէն նայած ոեւէ անձ գիտէ, որ, եթէ միայն դէպի հրապարակ ուղղուող երթեւեկութեան հոսքը նկատի առնենք, հրապարակը չորս մուտք ունի` Աբովեան, Նալբանդեան, Ամիրեան եւ Վազգէն Սարգսեան փողոցներէն: «Sputnik-Արմենիա»-ի նոյն օրուան հաղորդումը կը բովանդակէ խնդրոյ առարկայ նախադասութիւնը` մէկ բառի էական փոփոխութեամբ. «Հանրապետութեան հրապարակի մօտ»: Հաղորդագրութիւնը աւելցուցած է նաեւ «Երկիր-Մեդիա»-ին պակսած տեղեկութիւնը. «Յուշարձանի տեղադրումը նախատեսւում է Արամի եւ Նալբանդեան փողոցների խաչմերուկին յարող տարածքում»:

Արամ Մանուկեան ցարդ գլխաւորաբար ծանօթ է իբրեւ «առաջին ոստիկանապետ» (չակերտները` մեր կողմէ), քանի որ անոր կիսանդրին 2009-ին «անհատական նախաձեռնութեամբ», ըստ «Երկիր-Մեդիա»-ի, զետեղուած էր ՀՀ ոստիկանութեան շէնքին առջեւ: Ուրեմն կարելի է ըսել, որ ան հիմա Նալբանդեան փողոցին վերջաւորութենէն, ուր կը գտնուի ոստիկանութեան շէնքը, խորհրդանշականօրէն պիտի հասնի նոյն փողոցին սկիզբը` հրապարակի հիւսիսային երկու մուտքերէն մէկէն քանի մը մեթր հեռու, գետնուղիի «Հանրապետութեան հրապարակ» կայարանին մերձ: Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին ներքին գործոց նախարարը վերջապէս կը նուաճէ «հիմնադիր հօր» աստիճանը:

Ի դէպ, «Ազգ»-ի խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան կատարած է հետեւեալ շահեկան մատնանշումը. «Իրականում Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը աշխատանքային խորհրդակցութեան ժամանակ հարց էր ուղղել քաղաքապետարանի համապատասխան պաշտօնեաներին, թէ ո՞ւր է հասել Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին ընդառաջ Արամի եւ Նալբանդեան փողոցների հատման կէտում Արամ Մանուկեանի արձանը տեղադրելու առաջարկի ուսումնասիրութեան գործը: Թէ ի՛նչ են պատասխանել օգնականները, ինձ յայտնի չէ: Միայն յայտնի է, որ այդ առաջարկը դեռեւս չի քննարկուել Երեւանի աւագանիում, հետեւաբար չի հաստատուել: Սակայն դա պատճառ չէր, որ դաշնակցական լրատուամիջոցները հարցը ներկայացնէին որպէս կատարուած փաստ եւ լինէին աւելի պահանջկոտ»(1): Սակայն այս բացայայտումը խնդրայարոյց կէտ մը կը պարունակէ, որովհետեւ փաստերը ցոյց կու տան, որ անոր հրապարակումէն արդէն 18 օր առաջ «առաջարկի ուսումնասիրութեան գործը» թէ՛ առաջարկ եւ թէ՛ ուսումնասիրութիւն ըլլալէ դադրած էր: Արդարեւ, 19 յունիսին Երեւանի քաղաքապետարանը իր կայքէջին մէջ զետեղած էր մրցոյթի պաշտօնական յայտարարութիւնը` բոլոր անհրաժեշտ մանրամասնութիւններով, պայմանաժամերով ու պայմաններով, ներառեալ` քարտէսներով ու լուսանկարներով հարստացած «տեղադրման սխեմա»-ն(2): Մրցոյթն ու ապագայ յուշարձանի տեղադրութեան վայրը որոշուելէ ու հրապարակուելէ ետք կարելի է ենթադրել, որ Երեւանի աւագանիին մեծամասնական ուժը կազմող քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի ՀՀԿ-ի (Հանրապետական կուսակցութիւն) կուսակիցները ուրիշ բան պիտի չընեն` բացի ձեւական քննարկում ու հաստատում կատարելէ: Այլապէս դժուար թէ քաղաքապետն ու իր աշխատակիցները աւագանիին կողմէ մերժուելու հրապարակային խայտառակութեան վտանգը աչք առնէին` «ժամանակաւոր քաղաքական շահերու հաշուոյն սկզբունքային զիջումներ» կատարելով «հայ ժողովուրդի ապագայի հաշուոյն»(3): Ուրեմն խնդիրը իբրեւ «կատարուած փաստ» ներկայացուած չէ, այլ կատարուած իրողութիւն մըն է:

Արամ Մանուկեանի բնակած երբեմնի տան (Արամի փողոց 9, այսինքն` ապագայ արձանէն երկու-երեք տնաշար հեռու) կիսաքանդ վիճակը երկու տարի առաջ մեծ աղմուկ յարուցած էր: Յուշարձանի յայտարարութիւնը ի հարկէ այդ շինութեան անմխիթար վիճակին հարցը չի փարատեր, եթէ ենթադրենք, որ արձանի կառուցումը տեսակ մը փոխհատուցում է կառավարական քոալիսիոնի կրտսեր գործընկերոջ` ՀՅ Դաշնակցութեան նկատմամբ: Բոլոր պարագաներուն, ուշադրութեան արժանի է այն փաստը, որ մրցոյթի հրապարակումէն շաբաթ մը ետք ՀՀ քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի նախագահ Նարեկ Սարգսեանը Ազգային ժողովին յայտնած է, որ Արամ Մանուկեանի տունը պիտի պահպանուի` «Հին Երեւան» ծրագրի գործադրութեան ծիրին մէջ (4):

Գարեգին Նժդեհ Եւ Արամ Մանուկեան

Արդ, կարելի է հարց տալ, թէ արդեօք Արամ Մանուկեանի արձանը զետեղելու առաջարկը վերոյիշեալ պետական յանձնաժողովին պարտականութիւնը պէտք չէ՞ր ըլլար, իսկ անոր վաւերացումը պէտք չէ՞ր կատարուեր համապետական բանաձեւով` նախագահական հրամանագրով ու Ազգային ժողովի բանաձեւով. «Ինչո՞ւ բացակայ են այս նախաձեռնութենէն հայոց պետութեան առաջին դէմքերը, ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի, մտաւորականութեան, մշակոյթի բերդերու, աշխատաւորութեան, երիտասարդութեան շերտերը: Ինչո՞ւ ներառուած չէ սփիւռքը իր ողջ հասակով»(5):

Բաղդատականի կարգով, կ՛արժէ յիշել, որ Լենինի արձանը կազմաքանդելու որոշումը փետրուար 1991-ին տրուած էր Երեւանի երբեմնի Քաղաքային խորհուրդի մեծամասնութեան քուէարկութեամբ, իսկ պատուանդանը քանդելու որոշումը (1996) տրուած էր Հայաստանի կառավարութեան կողմէ, որովհետեւ պատուանդանը պատմաճարտարապետական յուշարձան մըն էր:

2000-ական թուականներու առաջին տարիներուն արձանը փոխարինուած էր… հեռատեսիլի պաստառով մը, ուր տեսերիզներ կը ցուցադրուէին: Ուրեմն կրնանք պատկերացնել, որ Հանրապետութեան հրապարակը նոր յուշարձանով յարդարելու գաղափարը պատկան իշխանութիւններուն միտքը գործնապէս զբաղեցուցած չէ տարիներու երկայնքին, իսկ հանրային միտքը, մերթ ընդ մերթ բանավէճերէ անդին, որոնք դադրած են գէթ տասնամեակէ մը ի վեր, որեւէ փոխհամաձայնութեան յանգած չէ: Առնուազն միամտութիւն պիտի ըլլար ենթադրել, որ կուսակցութեան մը այլախոհական ու արդէն լրիւ խամրած մէկ թեւէն անուղղակի գաղափարախօսական ծնունդ ու սնունդ ստացած կառավարող կուսակցութիւնը մայրաքաղաքի ամէնէն խորհրդանշական վայրը` կեդրոնական հրապարակը, «այդ» կուսակցութեան (այսօր` իր քոալիսիոնին կրտսեր գործընկերը) պատկանած խորհրդանշական անձնաւորութեան պիտի «յանձնէր»: Այդ ալ` աշխարհատարած փողով ու թմբուկով:

Ի դէպ, աշխարհագրական լուսաբանութիւններէն ետք, «Առաւօտ» օրաթերթի խմբագիր Արամ Աբրահամեանի այն պնդումները, թէ` «Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի առիթով Հանրապետութեան հրապարակում ուզում են դնել այդ հանրապետութիւնը կերտողներից մէկի` Արամ Մանուկեանի արձանը», եւ թէ` «այդ արձանը պատրաստւում են դնել պետականութիւնը խորհրդանշող կենտրոնական հրապարակում»(6), վրիպում մը պէտք է նկատել:

Ինչպէս ըսինք, Գարեգին Նժդեհի 70-80 տարուան վաղեմութիւն ունեցող ու կարեւոր մէկ մասով ժամանակավրէպ հռետորականութեան ծանրութեան տակ ճզմուող ցեղակրօնական գաղափարները ՀՀԿ-ի գաղափարախօսական ձեւական (սակաւապետութիւնը Նժդեհի ջատագոված գաղափարներէն մէկը չէր) ստնտուն են: Արդարեւ Երեւանի քաղաքապետարանի որոշումով ու նախաձեռնութեամբ, 28 մայիս 2016-ին տեղի ունեցաւ Նժդեհի արձանին բացումը Վերնիսաժի եւ պետական պատկերասրահի միջեւ գտնուող տարածքին մէջ: Ոեւէ անձնաւորութեան արձանի բնական հասցէն անոր անունը կրող հրապարակը կ՛ըլլայ, եթէ այդպիսին գոյութիւն ունի: Սակայն ո՞վ պիտի համարձակէր այդ արձանը քաղաքի ծայրամասը ուղարկել` Երրորդ մաս գտնուող Գարեգին Նժդեհի հրապարակը, խորհրդային վարչակարգի հոգեվարքի օրերուն` 1990-ին հոն կանգնած Սուրէն Սպենդիարեանի արձանին տեղը: 1905-1913 պոլշեւիկեան ընթացիկ գործունէութիւն ըրած, ապա Սիպերիա աքսորուած ու 34 տարեկանին (1916) հոն մեռած Սպենդիարեանի արձանին ցարդ գոյատեւած ըլլալու միակ արժանիքը Նժդեհի չգոյ արձանին տեղը (յաճախ` անոր հետ շփոթուելով) քառորդ դարու «վարձակալութիւն»-ը եղած է:

Արամի ապագայ արձանին վայրը պատահական չի թուիր: Փաստօրէն Նժդեհի դրացի դառնալը կրնայ արդարանալ այն իրողութեամբ, որ երկուքն ալ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան տարիներու կարեւոր գործիչներ եղած են` Նժդեհի ցեղակրօնական մարզանքներէն շատ առաջ, ու այսպիսով հաւասարութեան գիծ մը կը ստեղծուի, որ նաեւ Նժդեհը «կ՛ապահովագրէ» ապագայ քննադատութիւններէ, նման` արձանի բացումին առիթով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի կատարածին. «Մոսկուան զարմացած է Երեւանում Վերմախտի «Հայկական լեգէոն»-ի հիմնադիրներից մէկի` զօրավար Գարեգին Նժդեհի արձանի տեղադրմամբ»(7): Սակայն ՀՀԿ-ի ձեռքը գտնուող քաղաքապետարանը, Նժդեհը իր ներկայ վայրը տեղադրելէ ետք, դժուար թէ Արամ Մանուկեանը, որ հանրապետականներու աչքին Նժդեհին չի բաղդատուիր(8), աւելի բարձր պատիւի, այսինքն հրապարակին կեդրոնը զետեղուելու արժանի դառնար:

Ամբողջատիրութեան Փայտագլուխները

Միւս կողմէ, խոցելի է Աբրահամեանին այն հաստատումը, որ` «այդ հրապարակում Լենինի արձանը դնելը նշանակում էր, որ երկրորդ հանրապետութիւնն ամբողջութեամբ եւ անվերապահ ընդունում է այն գաղափարախօսութիւնը, որի կրողն էր «պրոլետարիատի առաջնորդը»(9): Այդ պնդումը միայն ճիշդ կրնայ սեպուիլ «երկրորդ հանրապետութեան» կուսակցա-վարչական աւագորեարին համար, որ բռնի ուժով պարտադրուած օտարամուտ գաղափարախօսութիւնն ու զայն կրող ռուս «պրոլետարիատի առաջնորդը» ամբողջութեամբ եւ, մանաւանդ, անվերապահ ընդունած է 1920-ական թուականներու վերջերուն Ալեքսանդր Թամանեանի երեւանեան նախագիծին մէջ ընդգրկելու եւ նոյեմբեր 1940-ին արձանը բանալու աստիճան: Արդեօք «երկրորդ հանրապետութիւնն ամբողջութեամբ եւ անվերապահ» ընդունա՞ծ էր «պրոլետարիատի առաջնորդ»-ի գաղափարախօսութեան կրողի պատուանշաններով զարդարուած «ժողովուրդների հայր» Ստալինը, որ այդ նոյն աւագորեարին որոշումով 1950-1962 իր շուքին տակ պահած էր Երեւանն ու Լենինը:

Եթէ Լենինը «ոեւէ մէկ այլ իրական անձով, մահկանացուով` լինի դա Արամ Մանուկեանը, Գարեգին Նժդեհը, կամ թէկուզ Քըրք Քըրքորեանը(10), Շարլ Ազնաւուրը» (վերջին երկուքը յիշելը երգիծանքի փորձ պէտք է համարել) փոխարինելու եւ «նոր կուռք, նոր փայտագլուխ» երկրպագելու ժամանակը չէ(11), պէտք է շեշտել, որ Մարքս-Էնկելս-Լենին-Ստալին ուրուականներու կամ փայտագլուխներու (totem) պարտադիր պաշտամունքը ամբողջատիրական պայմաններու մէջ ո՛չ մէկ ձեւով համեմատելի է ժողովրդավարական կարգուսարքի մէջ ազատութեան ու անկախութեան քաղաքացիական խորհրդանիշներու մշակումին, որ երբեւէ կուռքի երկրպագութեան նմանելու անհրաժեշտութիւնը չունի:

Ժամանակի Գործօնը

Համաձայն ենք, որ «Արամով մարմնաւորուած մեր ազգային կենսափիլիսոփայութեան վերահռչակո՛ւմը որպէս ազգային գերակշիռ ուխտ» (12) կամ որեւէ այլ անունով մարմնաւորուած գաղափար կուսակցական պատկանելիութենէ վեր պէտք է քննուի: Սակայն ժամանակի գործօնը մեր դէմ կը գործէ այսօր: Վերջին տասնամեակին արձանագրուած գաղափարախօսական-կուսակցական «հրադադար»-ը դժուար թէ բաւարար ըլլայ ժամանակի գորգին տակ աւլելու աւելի քան եօթանասուն տարիներու անզիջում վէճերու ու կռիւներու հետքը, որ տակաւին պատմութիւն դարձած չէ, նոյնիսկ եթէ արդէն սերունդ մը կայ, որ այդ վէճերուն միայն լսելով ծանօթ կրնայ ըլլալ (եթէ կ՛ուզէ ծանօթ ըլլալ): Արդարեւ, Աբրահամեան վերոյիշեալ յօդուածին մէջ կը հարցնէ. «Ա. Հանրապետութեան ժամանակ չե՞ն եղել «աւազակապետական դրսեւորումներ», Արամ Մանուկեանը չի՞ ունեցել սխալներ եւ մոլորութիւններ»(13): Բնականաբար, անցանկալի դրսեւորումներ, սխալներ ու մոլորութիւններ եղած են, քանի որ Ա. Հանրապետութեան դերակատարները մարդ էին եւ ո՛չ աստուած (Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի հնգահատոր, աւելի քան 2.500 էջնոց անգլերէն աշխատութիւնը, մասամբ միայն հայերէնի թարգմանուած, բաւականաչափ անկողմնակալ պատկերը ցոյց կու տայ): Ի դէպ, Ֆրանսական յեղափոխութեան տարիներուն եղած չե՞ն անցանկալի դրսեւորումներ, անոր դէմքերը սխալներ ու մոլորութիւններ ունեցած չե՞ն: Սակայն այսօր աւելի յիշատակելի է 1789-ի մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներու յայտարարութիւնը, քան Ռոպեսփիեռի արեան բաղնիքը` Terreur-ը:

Ցաւօք, տակաւին մեզի կը պակսի հարկ եղած հասունութիւնը, որպէսզի ազգային երեւոյթ մը վեր առնենք առանց հատուածականութեան, ինչպէս Միացեալ Նահանգները կ՛ընեն Աբրահամ Լինքընի մը պարագային, օրինակ: Անիմաստ է վիճարկել, թէ հիմա խորհրդանիշ մը զետեղելու ժամանակն է, թէ չէ` Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի կամ Գերմանիոյ պէս «կայացած պետութիւններ»-ու օրինակը բերելով, «որտեղ հասարակական մակարդակով ձեւակերպուած է ազգային շահը»(14): Միացեալ Նահանգներու «կայացած պետութիւն»-ը իր անկախութենէն ճիշդ 85 տարի ետք` 1861-ին, եղբայրասպան քառամեայ քաղաքացիական պատերազմի մատնուեցաւ` սեւամորթներու ստրկութեան հարցին շուրջ: Աւարտէն ետք, տասնամեակներ շարունակ, ջախջախիչ պարտութիւն կրած հարաւային նահանգները անջատողական համադաշնակցութիւնը (Confederate States of America) փառաբանող վիթխարի արձաններ կը զետեղէին եւ, ամերիկեան պետական դրօշակի կողքին, նոյն համադաշնակցութեան դրօշակը կը բարձրացնէին: Վերջին ամիսներուն այդ արձաններէն ու դրօշակներէն մէկ քանին սկսած են վար առնուիլ` վէճով ու աղմուկով, կարծէք` պատերազմի աւարտէն աւելի քան 150 տարի անցած չըլլար եւ հարաւային նահանգներու համադաշնակցութիւնը ազգային շահի դէմ գործած չըլլար: Նման երեւոյթներու դէմ յանդիման` չկան պնդողներ, որ Ուաշինկթընի կեդրոնական մէկ վայրին մէջ Լինքընի յուշարձանին բացումը վրիպում մըն էր 95 տարի առաջ, եւ թէ` նախընտրելի էր սպասել «կայացում»-ի, թերեւս 2115-ին` Լինքընի մահուան 250-ամեակին:

Ինչպէս ապրիլ 24-ի 50-ամեակին առիթով Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանը եկաւ դառնալու Ցեղասպանութեան խորհրդանիշը, պատճառ չկայ, որ մայիս 28-ի 100-ամեակին անկախութեան գաղափարը չամրագրուի խորհրդանիշով մը: Միացեալ Նահանգներու «կայացած պետութիւնը» իր պետականութեան 99-ամեակին (1875) կը սկսէր զարգացնել Ազատութեան արձանի գաղափարը` ֆրանսացի քանդակագործ Ֆրետերիք Պարթոլտիի յղացումով (բացումը պիտի կատարուէր 110-ամեակին` 1886-ին): Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր պետականութեան 99-ամեակին կը գտնուի, գոնէ` բոլոր անոնց համար, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակեն խօսիլ երեք հանրապետութիւններու մասին:

Խորհրդանիշները կը ստեղծուին ժամանակի ընթացքին եւ ո՛չ թէ ժամանակէն դուրս: Ահա՛ մօտեցող յոբելեանին բուն մարտահրաւէրը. հաւաքական գիտակցութիւն ստեղծել անկախութեան գաղափարին շուրջ, որուն խորհրդանիշերէն մէկը Արամ Մանուկեանի կերպարն է: Այսինքն ազգային երեւոյթ մը վեր առնել իր ամբողջութեան մէջ` առանց հատուածական կամ ենթակայական կեցուածքներու:

—————————————–

(1) Յակոբ Աւետիքեան, «Անառարկելիութեան արձան», «Ազգ», 7 յուլիս 2017:

(2) www.yerevan.am/am/announcement/haytararowt-yown-87/:

(3) Արամ Աբրահամեանի «Խորհրդանիշ դնելու ժամանակը չէ» յօդուածին արտատպումին կցուած խմբագրական ծանօթութիւն, «Պայքար», 9 յուլիս 2017:

(4) «Արամ Մանուկեանի շէնքը կը պահպանուի, Աֆրիկեանների շէնքը կը վերանորոգուի», yerkirmedia.am, 27 յունիս 2017:

(5) Կարօ Արմէնեան, «Մեր անժամանցելի պարտաւորութիւնը», «Ասպարէզ», 26 յունիս 2017:

(6) Արամ Աբրահամեան, «Խորհրդանիշ դնելու ժամանակը չէ», «Առաւօտ», 28 յունիս 2017: Այս յօդուածը քննադատող ելոյթներու համար տե՛ս Կարօ Արմէնեան, «Համակարգը կը խօսի», «Ասպարէզ», 29 յունիս 2017: Վաչէ Բրուտեան, «Ո՛չ, պրն. Աբրահամեան, հիմա՛ է «խորհրդանիշ դնելու» ժամանակը», «Հայրենիք», 30 յունիս 2017, Էդիկ Անդրէասեան, «Հանրապետութեան հիմնադրի յուշարձանը մէկ գրանցում ունի», «Հրապարակ», 1 յուլիս 2017: Սեդօ Պոյաճեան, «Արամ Մանուկեանը եւ ապազգայնացման մունետիկները», «Ազդակ», 3 յուլիս 2017: Սարգիս Տաղտէվիրեան, «Արամ Մանուկեան (Սերգէյ)` հայութեան զարկերակի արիւնատուն», «Հայրենիք», 8 յուլիս 2017:

(7) Տաթեւ Յարութիւնեան, «Մոսկուան զարմացած է Երեւանում Նժդեհի արձանի տեղադրմամբ». Մարիա Զախարովա», «Առաւօտ», 10 յունիս 2016:

(8) Արձանի բացումի օրերուն, Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ եւ ՀՀԿ-ի խօսնակ Էդուարդ Շարմազանովը «Ազատութիւն» ռատիոկայանին կը յայտնէր, թէ` «Յամենայն դէպս, գնում ենք այդ ուղղութեամբ, եւ անկախ պետականութեան գոյութիւնը, արցախեան հերոսամարտում մեր յաղթանակը, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմում մեր երիտասարդների յաղթանակը ցոյց տուեց, որ նրանք ցեղակրօն, տարօնական եւ առաքելական քրիստոնէական գաղափարախօսութեան կրողներն են, այդ ամէն ինչը իր վրայ է վերցրել Գարեգին Նժդեհը…» («Երեւանում բացուեց Գարեգին Նժդեհի արձանը», azatutyun.am, 28 մայիս 2016): Այսինքն արձանի բացումէն ամիս ու կէս առաջ Ազրպէյճանի ներխուժումին դէմ կռուող ու իրենց կեանքը զոհաբերող երիտասարդ զինուորները «կրող»-ն էին Հանրապետական կուսակցութեան (= Նժդեհի) գաղափարախօսութեան` ցեղակրօնութիւն, տարօնականութիւն եւ առաքելական քրիստոնէութիւն: Երկրորդ անկախութենէն մինչեւ 2016-ի քառօրեայ պատերազմը ընդգրկող նման տպաւորիչ ցանկի մը դիմաց` Արամ Մանուկեանին շատ բան չի մնար «իր վրայ վերցնելու»:

(9) Ա. Աբրահամեան, «Խորհրդանիշ դնելու ժամանակը չէ»:

(10) Միջանկեալ կ՛արժէ հարցնել, թէ արդեօք այժմու հայաստանեան արեւելահայերէնը երբեւէ վերջ պիտի տա՞յ հայերէն անունները աղաւաղելու անորակելի սովորութեան: Այս պարագային, գիտենք, որ ամերիկահայ հանգուցեալ միլիառատէրը Kirk Kerkorian կը կոչուէր, բայց ամէնէն անգրագէտ հայն իսկ կրնայ Krikorian-ի աղաւաղումը գուշակել անոր ետին: Ուրեմն` բացարձակապէս պատճառ չկայ, որ Kerkorian-ը «Քըրքորեան» գրուի եւ անոր օտարահունչ աղաւաղումը մեր ձեռքով յաւերժանայ: Ահա թէ ինչո՛ւ արեւմտահայերէնը ռուսական անձնագիր ունեցող ոեւէ Oganesyan անունը «Օկանէսեան» չի գրեր:

(11) Ա. Աբրահամեան, «Խորհրդանիշ դնելու ժամանակը չէ»:

(12) Արմէնեան, «Մեր անժամանցելի պարտաւորութիւնը»:

(13) Ա. Աբրահամեան, «Խորհրդանիշ դնելու ժամանակը չէ»:

(14) Անդ:

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Օգոստոս Գ. –Գաղափարով Սնանող Յանդգնութիւն

$
0
0

14 օգոստոս 1886-ին Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան որոշումով եւ Բաբգէն Սիւնիի ղեկավարութեամբ գրաւուեցաւ օսմանեան կայսերական ամենամեծ դրամատունը` Պանք Օթոմանը:

Այդ դրամատան մէջ կը կեդրոնանային ոչ միայն Օսմանեան կայսրութեան մեծահարուստներու, այլեւ եւրոպական շարք մը երկիրներու դրամագլուխները: Կայսրութեան տնտեսական այս կեդրոնին գրաւումը մեծ յանդգնութիւն կը պահանջէր, ազատագրական պայքարի շունչով ու յեղափոխութեան գաղափարով սնանած յանդգնութիւն:

Հայ յեղափոխականները ըմբռնած էին, որ Եւրոպան առաւելաբար իր տնտեսական շահերէն թելադրուած կը գործէր, իսկ արդարութեան պահանջը լսելի դարձնելու համար այդ շահերը վտանգել, ցնցել պէտք էր, որպէսզի ցասումը լսելի դառնար, ու մեր ժողովուրդը ենթարկուողի, ստրկական կացութեան յարմարողի, իրավիճակէն դուրս գար:

Եթէ 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն մէկ կողմէ Զարթօնքի սերունդը գաղափարական յեղաշրջման ռահվիրան կը հանդիսանար ու դարերու ստրկութենէն դուրս բերել կը փորձէր հայ ժողովուրդը` իր գրիչով, իր խօսքով ու կրթադաստիարակչական գործով, միւս կողմէ` հայ յեղափոխական շարժումը կեանքի կը կոչէր ազատագրական զինեալ պայքարը ու անոր շնորհիւ`  սիւնիներ ու գարոներ կը յանդգնէին հարուածել թշնամիին ամէնէն զգայուն կեդրոնները` փշրելով ստրկութեան ու ստրկամտութեան շղթաները:

Պանք Օթոմանի գործողութիւնը համիտեան կամ քրտական ջարդերուն ի տես ընդվզած հայուն վրէժխնդրական ոգիին ցասումը չէր բառին պարզ իմաստով, այլ յեղափոխական ոգիի զարթնումին կոչն էր` ուղղուած բռնատէրերուն եւ եւրոպական անտարբեր  աշխարհին:

Օսմանեան կայսրութեան բռնակալները իրենց յարիր ոճով` ջարդի, տեղահանութեան սպառնալիքներով պիտի հակադարձէին հայ յեղափոխականներուն, իսկ մեր ժողովուրդի խիստ պահպանողական, կացութիւններուն միանգամընդմիշտ յարմարող մէկ հատուածը, ցաւօք, պիտի շարունակէր կորաքամակ շրջիլ ու գլուխ խոնարհեցնել բռնակալներուն դիմաց:

Յեղափոխութեան ծաւալող ալիքը, սակայն, պիտի վերականգնէր հայուն արժանապատուութիւնն ու զայն պիտի առաջնորդէր դէպի անկախութիւն:

Պանք Օթոմանի յանդուգն գործողութիւնը կազմակերպողներն ու գործադրողները ընտրեցին այդ ճամբան` մեծ արժէքներու առաջնորդող դժուար ու յաճախ չծափահարուող ճամբան:

Այդ ճամբուն ընտրութիւնը յանդգնութիւն կը պահանջէր… յանդգնութիւն, որուն այս օրերուն եւս ականատեսը կ՛ըլլանք թշնամիին հետ մեր ժողովուրդի առճակատման մէջ:

Յանդգնութիւնը, սակայն, կը պահանջուի նաեւ  ներազգային մեր կեանքի բարելաւման աշխատանքներուն մէջ: Յանդգնութիւն` կացութիւններ շրջող աշխատանքներու ձեռնարկելու, յանդգնութիւն` պարտադրուած իրավիճակներէն դուրս գալու, յանդգնութիւն` համեստ ու ժամանակաւոր արդիւնքներով չբաւարարուելու:

Տեսակէտ. Չխեղաթիւրել Ցաւոտ Իրականութիւնը

$
0
0

ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Զբօսաշրջութիւնը Հայաստանի մէջ աննախադէպ աճ կ՛արձանագրէ այս տարի: Տարբեր երկիրներէ մեծ թիւով սփիւռքահայեր կ՛այցելեն Հայաստան ու կը լեցնեն Երեւանի արդէն անհամար «քաֆէ-ռեստորանները»: Հանրապետութեան հրապարակ,  Հիւսիսային պողոտայ, Քասքատ, մինչեւ առաւօտեան վաղ ժամերը մարդիկ կը ճեմեն, կը զրուցեն, կը խմեն: Օգոստոսեան տաք օրերուն կեանքը կ՛եռայ հայրենիքի մէջ…

Դրական է երեւոյթը` թէ՛ սփիւռքահայերու հայրենիքի հետ շփուելու առումով, թէ՛ երկրի տնտեսութեան օժանդակելու դիտանկիւնէն: Բայց, եկէք, եռամսեայ քերմեսային այդ մթնոլորտով չսահմանենք Հայաստանը, որովհետեւ հոն առկայ է անկէ շա՛տ աւելին, նոյնի՛սկ եթէ շատերուս համար բաղձալի չէ զանոնք տեսնել: Բաղձալի չէ, որովհետեւ մենք` արտերկիր ապրող սփիւռքահայերս, դժբախտաբար զբօսաշրջիկներ ենք դեռ հոն, իսկ մարդիկ զբօսաշրջութեան կ՛երթան խուսափելու համար առօրեայ հոգերէն, ոչ թէ` նորեր կուտակելու անոնց վրայ: Ամբողջ տարուան տքնաջան աշխատանքէն ընդմիջում մը առած, կ՛ուղղուինք Հայաստան` հանգիստ շունչ մը քաշելու ու յագուրդ տալու մեր ֆիզիքական ու զգացական պէտքերուն, թէկուզ եւ` մէկ-երկու շաբթուան համար: Կ՛երթանք` այցելութիւններ կատարելու, հանգստանալու, զուարճանալու, հետեւաբար եւ չենք ուզեր առնչուիլ երկրի ցաւոտ իրականութիւններուն հետ: Չենք ուզեր լսել` արդէն տարիներէ ի վեր ահագնացող արտագաղթին մասին, միջին խաւէ զրկուած ժողովուրդի թշուառութեան մասին, փտածութեամբ առլցուն պետական համակարգի մասին, օլիկարխիք իշխանութիւններու չարաշահումներու մասին, չենք ուզեր լսել` քաղաքական բանտարկեալներու մասին, թիթեղաշէն տնակներու մէջ ապրող Ողիմպիական մետալակիրներու մասին, սահմանի վրայ արձանագրուող շաբաթական զոհերու մասին…

Բայց իրականութիւններէ խուսափումը մէկ բան է, անոնց խեղաթիւրումը` ուրիշ: Այս գծով, էապէս սին ու դատարկ է ամրան Երեւանի մէջ տիրող տօնական մթնոլորտէն բխած այն տպաւորութիւնը, թէ հայրենիքը բարգաւաճման հոլովոյթ մը կ՛ապրի, որովհետեւ լեցուն «քաֆէ-ռեստորաններով» հայրենիք չի կառուցուիր, չի բարգաւաճիր: Անոնք միայն առժամաբար կրնան մոռացութեան մատնել հայ կեանքին առջեւ ծառացած այն ծով խնդիրները, որոնց մէջ խեղդուած ենք ազգովին, արդէն` երկար ժամանակէ ի վեր:

 

 

Յիշիր Եւ Ապրիր, Յիշիր Եւ Արարիր…

$
0
0

ԷԴՈՒԱՐԴԱՍ ՄԵԺԵԼԱՅՏԻՍ (1919-1997)
Լիթուական ժողովրդական բանաստեղծ,
Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ

Քառասուն երկար ու ձիգ դարեր են ձգուել այն ժամանակներից, երբ մարդիկ սկսեցին քաղաքներ, ամբարտակներ եւ բուրգեր կառուցել, բանաստեղծութիւններ յօրինել եւ նայել աստղերին: Եւ այդ քառասուն դարերի ընթացքում մարդկութեան հաւատարիմ ուղեկիցներն են եղել իմաստութիւնն ու տգիտութիւնը, գթասրտութիւնն ու դաժանութիւնը: Անանուն մի բաբելոնացի յօրինել է սքանչելի աւանդութիւն այն մասին, թէ ինչպէս վայրենաբար Էնգիդուն կին ճանաչելով` դառնում է մարդ… Ինչպէս է Գիլգամեշը ձգտել, որ մահը չիշխի մարդկանց վրայ, իսկ ասորի տիրակալները, ըմբոշխնելով իրենց կոպիտ ուժը, հրամայել են քարերին փորագրել մարդու արիւնը երակներում պաղեցնող պատմութիւնը` ժողովուրդների ոչնչացնելու մասին` իբրեւ սերունդներին մշտնջենապէս աւանդուող մի խրատ:

Հաւատաքննութեան զնդաններ…

Բարթուղիմէոսեան գիշեր… Հակաբարենորոգչականների խարոյկներ… Մարդկութիւնը, յիրաւի, անթիւ-անհամար սարսափներ է ապրել: Բայց արդէն անցեալ դարի աւարտին սկսում էր այնպէս թուալ, թէ այդ ամէնի երկար սպասուած աւարտը մօտենում է, թէ` գալիս է եթէ ոչ համընդհանուր երջանկութեան, ապա գոնէ` համընդհանուր խաղաղութեան դարաշրջանը:

Բայց դա մոլորութիւն էր: Երկիր մոլորակի համար սահմռկեցուցիչ մի դաս եղաւ Ա. Համաշխարհային պատերազմը, եւ հէնց նոյն այդ ժամանակ էլ ծայր առաւ մի ողբերգութիւն, որպիսին մինչ այդ չէր տեսել աշխարհը` անզէն մարդկանց, կանանց, երեխաների եւ ծերունիների սառնարիւն, հետեւողական, բարբարոս դաժանութեամբ աներեւակայելի մի ջարդ: Ոչ թէ կոյր կատաղութեան վայրենի մի բռնկում… Ո՛չ… այլ պաղ գլխով կատարուած հաշիւ` մինչեւ վերջին մարդը ոչնչացնել աշխատաւոր, տաղանդաւոր, իմաստուն մի ժողովրդի:

Սասունից մինչեւ Տէր Զօրի անապատները եւ Միջագետքի գաղջ ու հոտած ճահճուտները ձգուող վիթխարի տարածքի վրայ ծայր առած ողբերգութիւնը աղերսում էր աշխարհի խիղճը… Բայց շատ քչերին հասաւ այդ աղեկտուր ձայնը:

Ի դէպ, դա մէկ ուրիշ ողբերգութեան չարագուշակ նախազգուշացումն էր, եւ 20 տարի անց Եւրոպան ինքն ապրեց այդ ողբերգութիւնը:

Գերմանական ֆաշիստները մարդկութեան դէմ իրենց յանցագործութիւնը նախապատրաստելիս յստակօրէն գիտակցում էին իրենց գաղափարական (եթէ յարմար է այդ բառը տուեալ դէպքում) հոգեհարազատութիւնը երիտթուրքերի հետ, որոնք 1915 թուականին սկսել էին եօթ տարի շարունակուող մի վայրենաբարոյ կոտորած` առանց հաշուի առնելու զոհերի տարիքն ու սեռը եւ, ի հարկէ, թքելով հասարակական կարծիքի վրայ` նրանց լպիրշօրէն ոգեւորում էր պատմական փաստը. «Այսօր ո՞վ է յիշում հայերի ջարդը»:

Ինչպէս միւս հարցերում` Ֆիւրերը սխալւում էր նաեւ այս դէպքում: Մարդկութեան խիղճն ու յիշողութիւնն այնքան էլ տեղի տուող չեն, ինչպէս թւում էր նրան: 1915 թուականի ապրիլի 24-ի օրը բոլոր ազնիւ մարդկանց սրտերը առյաւէտ երիզուած են սգոյ շրջանակով:

Եաթաղանների մոլեգնած խրախճանքի` անվերջանալիօրէն ձգուող այն օրերին հայերը Եւրոպայի «քաղաքակիրթ» կառավարութիւններից օգնութիւն էին խնդրում, բայց այդ օգնութիւնը այդպէս էլ չհասաւ… Միայն առանձին մարդիկ արձագանգեցին անսահման ցաւով ու զայրոյթով: Դրանք Եւրոպայի լաւագոյն մարդիկ էին` Մաքսիմ Գորկին, Ռոմեն Ռոլանը, Անաթոլ Ֆրանսը, Ֆրիտեոֆ Նանսենը: Իսկ պուրժուական կառավարութիւնները, որպէս ժամանակակից փարիսեցիներ, գերադասեցին միայն կողքից նայել:

Լեռնային կիրճերը լցուեցին դիակներով, եւ գետերի ջրերը բարձրացան մարդկային արիւնից: Եւ հիմա Տէր Զօրի անապատի աւազը գիշերները կայծկլտում է զարհուրելի մի լոյսով: Ֆոսֆորի լոյսն է: Մարդու ոսկորների մէջ ֆոսֆոր շատ է լինում…

Իսկ թուրքական իշխանութիւնները, վստահ լինելով, որ պատասխան չեն տալու եւ չեն պատժուելու, նորանոր հրամաններ էին արձակում հետագայ գործողութիւնների համար:

«Ջարդ-աքսոր-սովահարութիւն» յարահոսը գործում էր անխափան ու առանց դադարի: Վերջերս Երեւանում հրատարակուեց «Հայերի ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ» փաստաթղթերի ռուսերէն ժողովածուն, որն անհնար է կարդալ` առանց սոսկումի: Անհնար է, բայց անհրաժեշտ է կարդալ: Մենք պարտաւոր ենք իմանալ այդ ամէնը: Պարտաւոր ենք իմանալ, յիշել ու չներել:

Գրքում զետեղուած 267 փաստաթղթերի մէջ կը գտնէք թուրք պաշտօնեայ Ռիֆաթի` 1915 թուականի տակ գրառուած պատմութիւնը` ջարդերն սկսելուց առաջ կառավարական գաղտնի խորհրդակցութեան մասին: Դոկտոր Նազըմը յայտարարել էր. «Այս անգամ մեր գործողութիւնները պէտք է ունենան հայերի բնաջնջման համատարած բնոյթ. պէտք է կոտորել բոլորին` մինչեւ վերջին մարդը»:

Մի՛ կասկածէք, այդ դոկտորը իրեն լիակատար հաշիւ էր տալիս, որ կոտորելու են կանանց, ծերունիներին, ծծկերներին… Եւ հաղորդում էր գործընկերներին. «Խնդրում եմ, պարոնա՛յք, մի՛ եղէք այդքան փափկասիրտ ու գթացող, դրանք շատ վտանգաւոր ախտեր են»: Իսկ ինչո՞վ էր հիմնաւորւում այդ մտագար դոկտորը ցեղասպանութեան «բարոյականութիւնը»: Երկու դրդապատճառներով, նախ` ազգային շահը` «Ես ուզում եմ, որ այս հողերի վրայ թուրքը եւ միայն թուրքը ապրի ու միանձնեայ տիրապետի, թող վերանան ոչ թուրք բոլոր տարրերը, ո՛ր ազգին էլ նրանք պատկանելիս լինեն», այնուհետեւ` դաժանութիւնը, որ իբր բնութեան օրէնքն է: Ի՜նչ ապշեցուցիչ նմանութիւն` ֆաշիստական հրէշաւոր տեսութիւններին: Եւ նմանութեան մէկ ուրիշ ահաւոր գիծ էլ դրոշմուած թուրքաշխարհակալական եւ գերմանաֆաշիստական ազգայնամոլական բնոյթների միջեւ` այն հեռաւոր ժամանակներում ցեղասպանութիւն իրագործելիս: Պարզւում է, որ թուրք բժիշկները դեռեւս 1915 թուականին հայերի համար ստեղծուած մահուան ճամբարներում մարդկանց վրայ կատարում էին այնպիսի փորձեր, որոնք սովորաբար կատարւում են ճագարների եւ ծովախոզուկների վրայ:

Ի՞նչը կարող էր համեմատուել հայ ժողովրդի ցաւի ու վշտի հետ, ժողովուրդ, որ կէս տարուայ ընթացքում ջարդուել, կէս էր դարձել… Իսկ մոլեգնած ամբոխի ճիրաններից մազապուրծ փախստականների տառապանքն ու չարչարա՞նքը…

Այնուհանդերձ, հայ ժողովուրդը տոկաց, դիմացաւ… Այն ժողովուրդը, որ աշխարհին տուել է ոչ միայն Այա Սոֆիայի գմբէթը վերակառուցող հանճարեղ ճարտարապետ Տրդատին, ոչ միայն խոշոր բանաստեղծների ու մտածողների` Գրիգոր Նարեկացուն, Նահապետ Քուչակին, Սայաթ Նովային, ականաւոր մարդասէրների ու գրողների` Միքայէլ Նալբանդեանին, Խաչատուր Աբովեանին, Յովհաննէս Թումանեանին, այլեւ իր հզօր գրկում մեծացրել է հմուտ զօրավարների` Տիգրանին, Վարդանին, Անդրանիկին: Այդ ամենադժնի տարիներին ընդվզեց հպարտ, ասպետական հայ ժողովրդի դիմադրութեան ոգին: Աշխարհը ապշահար էր Վանի ու Մուսա Լերան պաշտպանների հերոսականութեամբ: Պարզ գիւղացին եւ դարբինը, ելնելով պաշտպանելու… ոչ թէ իրենց տունն ու օճախը, այլ կանանց ու աղջիկների կեանքն ու պատիւը, զէնքը ձեռքներին արիաբար ետ մղեցին քանակապէս հարիւրապատիկ գերակշռող եւ լաւ վարժեցուած, լաւ կերած, լաւ զինուած թուրքական բանակների յարձակումները: Քանզի արդարութեան համար մարտնչողների արիութիւնը հազարապատիկ աւելի է, քան` անիմաստ ու վայրենի չարութիւնը: Կարելի է սպաննել հերոսական պաշտպաններին, բայց նրանց ծնկի բերել` երբեք: Մեծն Տիգրանի ոգին այդ օրերին յառնեց զօրավար Անդրանիկի մէջ, Սասնայ Դաւթի ու Մհերի ոգին` ամէն մի հայի, որը դուրս էր եկել` մարտնչելու Սարդարապատի արիւնոտ ռազմաճակատում:

Զարհուրելի են հայ ժողովրդի կորուստները, բայց եւ անմահ է նրա փառքն ու խիզախութիւնը:

Ապրիլի 24-ին, ամէն անգամ նշելով տարելիցը այն ողբերգութեան, որը ոչ ոք իրաւունք չունի մոռանալու, մենք ձեզ հետ ենք, հա՛յ եղբայրներ: Հայերի սրտերի պէս մեր սրտերն էլ է համակում անսահման վիշտը, եւ ձեզ հետ մենք էլ ենք հպարտօրէն բարձրացնում մեր գլուխները` յիշելով, որ սեւհարիւրեակային ուժերին չյաջողուեց սպաննել հայ ժողովրդի հանճարը, որ` ստորութիւնը, կեղծիքը, նենգութիւնը, չարութիւնն ու բարբարոսութիւնը Սարդարապատում ստացան իրենց արժանի հակահարուածը:

Փա՛ռք ու պատի՛ւ մարտիկներին, յաւե՛րժ յիշատակ անմեղ զոհերին: Ծաղկիր, Հայաստա՛ն, խաղող մշակի՛ր, տներ կառուցի՛ր եւ աստղային մաքուր երկնքին նայի՛ր Բիւրականի զով բարձունքից: Դեռեւս ցաւից մխում է քո խոր վէրքը` զաւակներդ սփռուած են աշխարհով մէկ: Բայց հաւատում եմ, որ կը գայ օրը, եւ այդ ցաւից էլ հետք չի մնայ, եւ բոլոր հայերը կը հաւաքուեն իրենց հարազատ հողի վրայ եւ «սփիւռք» բառը կը մնայ միայն պատմական բառարաններում:

Յիշողութեան ցաւն անզօր են ջնջել ոչ միայն 80, այլեւ 8000 տարիները, քանզի յիշողութիւնը մարդու ամենամարդկային յատկանիշներից մէկն է: Բայց մեր աչքերի առջեւ 80 տարի առաջ տեղի ունեցածն այլեւս երբեք չի կրկնուելու: Յիշի՛ր եւ ապրի՛ր: Յիշի՛ր եւ կառուցի՛ր, ստեղծի՛ր, մեր հարազա՛տ, մեր սիրելի՛ եղբայր, մեր Հայաստա՛ն, հինաւո՛ւրց երկիր Նայիրի:

Երբ տասնամեակներ առաջ Գերմանիայի վարչապետ Քոնրատ Ատենաուէրը Երուսաղէմում ծնկի եկաւ Լացի պատի մօտ, դրանով ընդգծեց իր ժողովրդի եւ նրա ոգու բարոյական վսեմութիւնը:

Իսկ համայն աշխարհով սփռուած հայերը ահա արդէն 80 տարի շարունակ սպասել են այն օրուան, թէ ե՛րբ թուրքական պետութիւնը գէթ մի բառ կը գտնի արտայայտելու իր զղջման ցաւը հայերի ցեղասպանութեան առթիւ:

Բ. Համաշխարհային պատերազմից յետոյ կայացաւ Նիւրենպերկի դատավարութիւնը, եւ պատերազմի գլխաւոր յանցագործները դատապարտուեցին մահուան` կախաղանի միջոցով: Այնինչ, հայ ժողովրդի դահիճները հռչակուել էին Թուրքիայի ազգային հերոսներ:

Գերմանիայի մտաւորականութիւնը մեղադրեց նացիզմը, Գերմանիան Իսրայէլին 40 միլիառ մարք վճարեց` որպէս նիւթական փոխհատուցում: Ի վերջոյ, չնայած Գերմանիան հրեաների հայրենիքը չէ, այնուհանդերձ, ցեղասպանութեան զոհերը եւ լեռնափախստականները ստացան իրենց բնակութեան նախկին վայրերը վերադառնալու իրաւունք:

Իսկ հայերը ամբողջ 80 տարի թուրքական գրականութիւնում եւ մամուլում մի բառ անգամ չգտան 1915 թուականի եղեռնի վերաբերեալ: Ես արդէն չեմ խօսում նիւթական փոխհատուցման մասին, թէեւ մարդու կեանքը անգնահատելի է:

Եւ, վերջապէս, Թուրքիան հնարաւոր չհամարեց զոհերի սերունդներին իրաւունք ընձեռել վերադառնալու իրենց պատմական հայրենիքը` Թուրքիա անուանուող Արեւմտեան Հայաստան: Նոյնիսկ հիմա ծայրայեղական տարրերը պղծում են հայկական գերեզմաններ Պոլսում եւ սպառնում նոր դատաստան տեսնել հայերի հետ: Եւ մի՞թէ որպէս ժամանակավրիպութիւն ու պատմական փարատոքս չեն հնչում Հայաստանին պատերազմ յայտարարելու սրբապիղծ սպառնալիքները, որպիսիք կարելի է լսել նոյնիսկ կառավարութեան որոշ յարգարժան անդամների բերանից: Ու այդ ամէնը` 1915 թուականի հայերի սահմռկեցուցիչ ցեղասպանութեան 80-ամեայ յիշատակի նախօրէին: Եւ այդ ամէնը` ողբերգական այն բոլոր տառապանքներից յետոյ, որ բազմաչարչար հայ ժողովուրդն ապրեց 20-րդ հարիւրամեակի վերջին տասնամեակներին. ահաւոր երկրաշարժը, որի յարուցած վէրքերը տակաւին չեն սպիացել, արիւնոտ իրադարձութիւնները Ղարաբաղում, արիւն, արցունք եւ սով վերջին տարիներին: Այդպէս խօսել եւ նիզակ ճօճել կարող են, ինձ թւում է, միայն այն մարդիկ, ում մօտ տեղի է ունեցել խղճի խաւարում: Բայց այդ ամէնը վտանգ է ներկայացնում ոչ միայն հայ ժողովրդի համար, այլեւ` այն ժողովրդի համար, որի անունից ծայրայեղականները յարձակողապաշտութեամբ սպառնում են պատերազմով:

Սակայն կամենում եմ զգուշացնել` աշխարհի բոլոր ողջամիտ եւ ազնիւ մարդիկ զօրավիգ կը լինեն բիւրատանջ հայ ժողովրդին: Երբ գերմանական Զոլինկեն քաղաքում սափրագլուխ նէոնացիստները ողջ-ողջ այրեցին մի քանի թուրք վտարանդիների, որքա՛ն վրդովուեցին Թուրքիայի կառավարիչները: Իսկ ի՞նչ անեն հայերը, ովքեր այժմեան Թուրքիայում տարագիրներ չեն, այլ տէրեր, սակայն դարձեալ ապրում են ահ ու սարսափի մէջ: Հինաւուրց հայկական քաղաքներ Կարսն ու Սարիղամիշը, Էրզրումը եւ Վանը, Մուշն ու Սասունը մնացել են առանց բնիկների, այստեղ աւերել ու աւերում են հայկական եկեղեցիները: Եղեռնը Սումկայիթում, Պաքւում, Ղարաբաղում` 1915 թուականի եղեռնի շարունակութիւնն էր:

Գերութեան մէջ է նոյնիսկ բիբլիական Արարատ լեռը: Բայց մի՞թէ ժամանակը չէ, որ դարձեալ` արեան ահաւոր հեղեղից, արցունքներից եւ սարսափի յոյզերից յետոյ, Արարատի վերեւում` մով երկնքում, տեսնենք խաղաղութեան աղաւնուն` քնքուշ կտուցին կանաչ ճիւղը` կեանքի բանաստեղծական խորհրդանիշը:

Պոէզիան միշտ նրանց հետ է, ովքեր մաքառում են յանուն կեանքի, յանուն ճշմարտութեան եւ ազատութեան:

Լիթուերենից թարգմանեց
ՖԵԼԻՔՍ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆԸ

 

Ակնարկ. Ամերիկեան Հետեւողականութիւն Դ. (Սիսի Կաթողիկոսական Նստավայրի Հայցը)

$
0
0

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կրօնական ազատութիւններու Թուրքիոյ վերաբերող զեկուցումին մէջ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յարուցած դատի բաժինը:

Այսպէս. նշուած է` «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայցը, որ կը պահանջէ վերադարձնել 1915 թուականին ապօրինի կերպով գրաւուած Սիսի կաթողիկոսական նստավայրը: 2016 յունիսին Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը մերժած էր հայցը` ընթացակարգային պատճառներով, սակայն, դեկտեմբերին, հայցուորը դիմած էր Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան»:

Եթէ բառացի վերծանենք անգլերէն բնագիրէն կալուածին գրաւման բացատրութիւնը, բնորոշուած է wrongly seized, ինչ որ կը թարգմանուի սխալ կերպով գրաւուած կամ նուաճուած: Սխալ կերպովը այս պարագային պարզապէս ապօրինի իմաստը կու տայ: Զեկուցումին մէջ նշուած է նաեւ, որ հայցուորը երկրորդ անգամ դիմում կատարած է այս ուղղութեամբ: Կ՛ակնարկուի դատական ընթացակարգի առիթ չտալու որոշումին հետեւած երկրորդ նամակին:

Մանրամասնութիւններուն ակնարկ կատարելը ենթադրել կու տայ, որ ամերիկեան համապատասխան գերատեսչութիւնները միւս նշուած հայկական հարցերուն նման քայլ առ այլ հետեւած են նաեւ Սիսի կաթողիկոսութեան վերատիրացման նպատակով յարուցուած դատին:

Այստեղ եւս նշումը կը կրէ երեւութապէս տեղեկագրային, նկարագրական բնոյթ: Զեկուցումը չ՛արձանագրեր մեկնաբանութիւն կամ իր կողմէ կատարուող գնահատական:

Սակայն պարզ է տրամաբանութիւնը. երբ կրօնական ազատութիւններու յարգումին կը վերաբերի զեկուցումը, բնականաբար այդ սկզբունքներու ոտնահարումը կը շեշտէ Անգարայի իշխանութիւններուն կողմէ: Դարձեալ վերադառնանք հետեւողական վարքագիծի տրամաբանութեան եւ յիշենք 306 յօդուածը ու զայն նախորդած քոնկրեսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին հնգամեակ մը առաջ քուէարկած բանաձեւի երրորդ կէտը. «Օրինական տէրերուն վերադարձնէ քրիստոնէական եկեղեցիները եւ պաշտամունքի այլ վայրեր, նաեւ` վանքերը, դպրոցները, հիւանդանոցները, յուշարձանները, մասունքները, սրբավայրերը եւ կրօնական այլ կալուածներ, ներառեալ` արուեստի գործերը, ձեռագիրները, զգեստները, անօթները եւ այլ իրեր»:

Օրին, 306-ի գնահատականներուն մէջ հնչած էր այն տեսակէտը, որ առանց ցեղասպանութիւն բառեզրի օգտագործման մեր պահանջատիրական երթը կարեւոր փուլ կը նուաճէր հատուցման թղթածրարին հետ կապուած մեր առաջադրանքներու ամրագրումներուն մէջ: Հիմա, այդ ընդհանուր առաջադրանքի մասնակի նշումներն են, որոնք կը կատարուին .այս պարագային յարուցուած դատի մը անուղղակի արդարացիութիւնը եւ ամերիկեան պահանջներուն հետ համընկնումը ընդգծող:

Այստեղ է, որ լուսարձակը մանրադիտակի տակ պիտի բերէ ներկայ պայմաններուն մէջ Թուրքիոյ նկատմամբ Ուաշինկթընի պահանջներու օղակի սեղմումի եւ մեր հարցերու առաջ քշման ուղղութիւններու համատեղումի տեսանելիութիւնը:

Ի տարբերութիւն պոլսահայութեան ընկալումներուն` «Քամփ Արմէն»-ին, Կեզի այգիի, Տիգրանակերտի եկեղեցիներու վերադարձի պահանջի եւ նման հարցերու ամերիկեան զեկուցումի կատարած նշումներուն դիմաց, Սիսի կաթողիկոսարանի նստավայրի խնդիրը արտաթրքական աշխարհագրական միջավայրերէ յարուցուած է եւ հետեւանքներու կանխատեսելիութեամբ ծայրայեղ զգուշաւորութիւններու իւրայատկութիւնները նկատի չ՛ունենար: Թէեւ թուրք իրաւաբաններ, որոնք լծուած են այս գործին, նոյնքան եւ աւելի զգուշաւոր ըլլալու պատճառներ ունին:

Սակայն ամէնէն յատկանշականը այս պարագային 1915 թուականի նշումն է: Երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը բանաձեւէ «1915-ին ապօրինաբար բռնագրաւուած» ըսելաձեւը, հարցի արծարծման առանցքները այլ տարողութիւն կը ստանան: Ո՛չ Սուրբ Խաչի պատարագի մատուցման արգելքին, ո՛չ ալ Տիգրանակերտի եկեղեցիներու վերադարձի առաջադրանքի արծարծման մէջ խորհրդանշական եւ քաղաքական ուղերձ փոխանցող թուականի նշումը կայ:

Քաղաքական հարցերու արծարծման արուեստը միշտ նկատի կ՛ունենայ այս պարագային երրորդ կողմի եւ պահանջ ունեցողի առաջադրանքներու համատեղման պահու ճշդումի նպատակայարմարութիւնը: Կը թուի, որ Սիսի կաթողիկոսութեան դատի հայցն ու Միացեալ Նահանգներու Թուրքիոյ նկատմամբ ճշդած քաղաքականութիւնը համընկնումի կէտեր ունին ընթացիկ հնգամեակին:

«Ա.»


Հայերէնի Եւ Հայեցի Կրթութեան Հարցով Մանկավարժական Մտահոգութիւններ

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

hagop bՀամաշխարհային կրթական եւ դաստիարակչական  ոլորտի մասին կը խօսին եւ կը գրեն շատեր. մեծ, կազմակերպուած եւ զարգացած երկիրները ունին ուսումնասիրական կեդրոններ, վարկեր կը ստանան, համագումարներ կը կայացնեն, տեսութիւններ կը մշակեն, գիրքեր լոյս կ՛ընծայեն:

Անոնցմէ կ՛օգտուին փոքր երկիրները` գիտնալով հանդերձ, որ մեծ երկիրները նկատի ունին իրենց ժողովուրդը, որ կը գտնուի աշխարհագրական տուեալ գօտիի մը մէջ, կ՛ապրի տնտեսական իւրայատուկ պայմաններու մէջ, կը կռթնի իր պատմութեան եւ անցեալի փորձին: Երբ «կ՛օգտուինք» ուրիշներու գիտութենէն եւ փորձէն` որոնելով պատշաճեցումներ, յաճախ կը տարուինք անգիտանալու մեր կացութիւնը, նորութիւն կը կապկենք:

Այլ խօսքով, հռչակաւոր համալսարաններու մեծ գիտնականներու մանկավարժական տեսութիւնները ներածելով որպէս նորութիւն եւ իմաստութիւն, զանոնք գործադրելով հայկական կրթական մարզի մէջ` անպայման ծառայութիւն չենք մատուցեր մեր ժողովուրդին, հայ դպրոցին եւ հայ սերունդին: Ոչ թէ մեծ գիտնական մանկավարժներու տեսութիւնները սխալ են, այլ մեր պայմանները, պատմութիւնը եւ մշակութային ենթահողը տարբեր են: Տարբեր են նոյնիսկ Հայաստանը եւ սփիւռք(ներ)ը, երկրորդը` նաեւ ներքնապէս:

Ամերիկեան կամ ֆրանսական համալսարանի մեծանուն տնօրէնը հայ դպրոցի կրթական պատասխանատու նշանակելով` անպայման չենք երաշխաւորեր հայ նոր սերունդի որպէս այդպիսին պատրաստութիւնը, քանի որ ապագայակերտ ըմբռնումները բնականաբար տարբեր կ՛ըլլան: ԺԶ. դարու իմաստուններէն ֆրանսացի Ֆրանսուա Ռապըլէի (1494-1553) մանկավարժութիւնը կը պատգամէր «լաւ լեցուն գլուխ»-ով մարդ պատրաստել, իսկ նոյն դարու ուրիշ իմաստուն մը` Միշէլ տը Մոնթէյն (1533-1592) կը թելադրէր «լաւ պատրաստուած գլուխով» մարդ պատրաստել:

Հայ դպրոցի պատասխանատուն պէտք է պատասխանէ այն պարզ հարցումին, թէ «ինչպիսի՞ գլուխով մարդ» պիտի պատրաստէ հայ դպրոցը, Հայաստան, եւ մանաւանդ սփիւռք(ներ)ի մէջ, գէթ հոն, ուր հայ մարդիկ հաւատքով եւ հեռանկարի մը ծառայելու համար դպրոց(ներ) ստեղծած են, կամ հայ ծնողներ, երբ իրենց զաւակները կը բերէին կամ հիմա ալ ոմանք կը բերեն հայկական վարժարան, ի՞նչ կ՛ակնկալեն, «ինչպիսի՞ գլուխ»-ով զաւակի մը պատրաստութիւնը կը սպասեն: Հոն, ուր հայ դպրոց չկայ, կամ նոյնիսկ երբ կայ, եւ հայ տղան հայ դպրոցի մէջ չի գտնուիր, «ինչպիսի՞ գլուխով» պիտի պատրաստուի: «Ինչպիսի՞ գլուխով հայ սերունդ» պիտի ունենայ ազգը:

Հայ մարդը այսօր ի՞նչ պիտի ակնկալէ իր զաւակի կրթութիւն-ուսումէն, երբ զայն կը յանձնէ դպրոցի մը, երբ դպրոցի ընտրութիւն կը կատարէ. Ռապըլէի «լեցուն գլո՞ւխ»-ով թէ՞ Մոնթէյնի «լաւ պատրաստուած գլուխ»-ով իր զաւակը: «Հայկական ուսումնական ծրագրում» մը, եթէ նման առաջադրանք մը կարելի է, ի՞նչ պիտի ըլլայ, ինչպէ՞ս պիտի մշակուի, ո՞ւր եւ որո՞նց կողմէ, ո՞ր առաջադրանքներով: Այդ «ծրագրում»-ը պիտի ըլլայ աշխարհագրական-տեղակա՞ն, հատուածակա՞ն, յարանուանակա՞ն: Լաւագոյն ծրագրումն անգամ հող չի գտներ, եթէ հայ ծնողք պատրաստուած եւ շահագրգռուած չեն անով: Աւելի ճիշդ` ի՞նչ են ակնկալութիւնները հայ ծնողքին: Այդ ծրագրումը հարկատու պիտի ըլլայ ծնողներու անմիջական յաջողութեան ձեռքբերմա՞ն, թէ՞ միաժամանակ հայ ազգային հեռանկարի մը հետապնդման, ինքնութեան եւ քաղաքական:

Ի՞նչ են պատճառները ցարդ բացակայ համազգային եւ համապարփակ առաջադրանք ծրագրումի մը: Նման ծրագրում կարելի՞ է:

Մեծն Սոկրատ կ՛ըսէր, որ հարցումները աւելի կարեւոր են, քան` անոնց տրուած պատասխանները: Բայց եթէ չփորձենք պատասխաններու մասին առնուազն մտածել, առաջարկել, տեղքայլի ճահճացումը կը շարունակուի, ազգի լինելութեան տեսակէտէ` ոչ դրական հետեւանքներով: Իսկ կրթական հարցը ազգին համար էական է եւ ծանրակշիռ սխալ է զայն հպատակեցնել տեղական, տեղայնական, ջոջական հետաքրքրութիւններու եւ փառասիրութիւններու` մէկդի դնելով անոր գաղափարական եւ մասնագիտական հրամայականները:

Քանիցս Հայաստանի մը ահազանգ հնչեցուցին, որ համալսարանի մուտքի քննութիւններուն հայերէնի յստակ անկում կ՛արձանագրուէր: Օտար լեզուներու իւրացման համար աշակերտ եւ մանաւանդ ծնողք կանգ չեն առներ զոհողութիւններու առջեւ: Այս միտումը դրսեւորուեցաւ օտար վարժարաններու ստեղծումով: Սփիւռք(ներ)ի մէջ հայկական բազմաթիւ վարժարաններ փակուեցան: Միւսները քայլ կը պահեն ծնողներու «գործնական» ակնկալութիւններուն հետ, հայերէնը երկրորդ կամ երրորդ լեզուի մակարդակին կ՛ուսուցուի ընդհանրապէս եւ հայերէնով աւանդուող առարկաները կ՛անհետանան, ինչ որ մեծապէս կ՛ազդէ հայերէնի որպէս կենդանի լեզու իւրացման: Իսկ գործնական եւ գործնապաշտ հայ ծնողները իրենց զաւակները կը յանձնեն օտար վարժարանի խնամքին: Սփիւռք(ներ)ի պարագային` մեծամասնութիւն են անոնք:

Քանի մը անգամ խօսած եւ գրած եմ այն մասին, որ նոյնիսկ Լիբանանի մէջ, ուր հայերէնը դեռ կեանքի լեզու է, նոյնիսկ երբ նահանջողներ կան, հայկական դպրոցներու ամավերջի տեղեկագիրները կը բարձրախօսեն այն մասին, որ իրենց շրջանաւարտները այս կամ այն կարեւոր տոկոսով յաջողած են պետական կամ համալսարանական մուտքի քննութիւններուն: Երբեք չիմացայ, որ այդ տեղեկագիրներուն մէջ յիշուի, թէ այդ շրջանաւարտներու այս կամ այն տոկոսը հայերէն էջ մը ընդունելիի սահմաններուն մէջ կը գրէ:

Հայկական վարժարանի գնահատման չափանիշը կը մոռցուի:

Միջինարեւելեան գօտիէն դուրս, հակառակ զոհողութիւններու եւ քարոզչութեան, հայերէնը կեանքի լեզու չէ, բակը եւ տունը հայերէնը անմիջական հաղորդակցական լեզու չէ: Համայնքի հայկական վարժարանի տնօրէնուհին, որ անցեալին գործած էր տեղական պետական վարժարանի մէջ, զրոյցի մը ընթացքին, երբ կը խօսուէր հայ դպրոցի նպատակի մասին, մեքենագրուած քանի մը էջ ցոյց տալով` ըսաւ, որ հայ դպրոցին նպատակը տեղական պաշտօնական ծրագիրն է, գրուած` այդ էջերուն մէջ: Հայկական դպրոց յաճախող տղաքը պէտք է յաջողին` իւրացնելով պետական ծրագիրը, բայց անոր համար կարիք չկայ հայ դպրոցի, որ հիմնուած է, որուն համար հայը զոհողութիւն կ՛ընէ` ազգային նպատակի մը ձգտելով:

Համաշխարհայնացման ճնշումը բացած է դուռը օտարումի, որուն դէմ յաջողութեամբ պայքարելու համար ոչ թէ օտար լեզուներու ուսուցումը պէտք է մերժել, այլ` հայերէնի ուսուցումը իրականացնել յատուկ մանկավարժութեամբ, կրթական յառաջատուական ծրագրի մը հիման վրայ, եւ իրապէս որակաւոր անձնակազմով: Այս վերջին պարագան յատուկ ուշադրութեան առարկայ պէտք է ըլլայ: Հայերէնի ուսուցիչը, մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդականի աւարտ, բոլոր միւս նիւթերը աւանդողներէն աւելի պատրաստութիւն եւ որակ պէտք է ունենայ, նաեւ` համապատասխան վարձատրութիւն: Հայերէնի եւ հայերէնով աւանդուող առարկաներու ուսուցիչները բոլոր միւսներէն աւելի պէտք է վարձատրուին, եթէ կ՛ուզենք, որ անոնք յաջողին եւ իր իրաւ առաքելութեան մէջ յաջողի հայ դպրոցը: Այս ըմբռնումը աւելի կարեւոր է, քան` նախանձ շարժող գեղեցիկ շէնքը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի ծրագրումին, մանկավարժութեան սահմանման, համապատասխան դասագիրքերու պատրաստութեան, պետական մակարդակով նախաձեռնութիւն պէտք է, որուն համար հարկ է հաստատել Հայաստան-սփիւռք ոչ ձեւական, այլ խորքային համագործակցութիւն` առանց տուրք տալու կրթութեան չառնչուող նախասիրութիւններու: Եթէ արեւմտահայերէնին համար կ՛ըսուի, որ ան վտանգուած լեզու է, նոյն վտանգին ընդառաջ կրնայ երթալ նաեւ արեւելահայերէնը, նոյնիսկ` Հայաստանի մէջ:

Ժողովներ գումարուեցան հայերէններու եւ անոնց մերձեցման հարցերով: Ծրագրումի եւ մանկավարժութեան հարցերը օրակարգ չեղան: Անհատական եւ մասնակի նախաձեռնութիւններ եղան եւ կան, որոնք ոչ մէկ հաւանականութիւն ունին «համազգային» կեցուածք դառնալու:

Այս ընդհանրացման հունով մեծապէս օգտակար կրնայ ըլլալ հայերէնի վերականգնման եւ միացման հարցը օրակարգ դարձնել: Յաճախ յիշեցուցած եմ հրեաներու պարագան, որոնք յանդգնութեամբ եւ գիտակից կամքով միացուցին եւ վերականգնեցին իրենց լեզուն` կարենալ ստեղծելու համար ներազգային միութիւն: Այնքա՜ն կը սիրենք հրեաներու կարողութիւններուն եւ ուժին մասին խօսիլ: Ինչո՞ւ չենք խօսիր նաեւ լեզուի հարցի մասին:

Երբեմն մենք մեզի հարց պէտք է տանք, թէ ինչպէ՞ս պիտի միաւորուինք երկու հայերէնով, երկու ուղղագրութեամբ, թաքնուելով հռետորութեան ետին, ըսելով, որ անոնք մեր հարստութիւնն են:

Ինչպէ՞ս հայ ծնողները պիտի ներառուին հայերէնի ուսուցման եւ հայկական մանկավարժական ծրագրումի մէջ` քաջ կերպով գիտնալով, որ առանց անոնց` հայկական որակին շուրջ կը սեղմուի օտարումի օղակը:

Եւ ինչպէ՞ս պիտի միաւորուինք, երբ հայերէնը այլեւս կը դադրի ըլլալէ «աշխարհի չորս ծագերուն» այն տունը` «ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ», ինչպէս կ՛ըսէ օտարագիր եւ օտարաբարբառ  չեղած հայ բանաստեղծը: Յիշե՛լ Մուշեղ Իշխանը:

3 ապրիլ 2017, Նուազի-լը-Կրան

Քեսապի Ոսկի Աշունը

$
0
0

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Աշուն էր… Քեսապի ոսկի աշունը: Օդը պայծառ էր,  եւ արեւի տաքութիւնը` նուազած: Ծառերը հետզհետէ սկսած էին թօթափել իրենց տերեւները: Ոտքերուն տակ հողը մերթ չոր էր, մերթ խոնաւ, ամէն ոք ճամբեզրերու չորցած թուփերուն եւ վայրի ծաղիկներուն հոտը կ՛առնէր:

Կը փչէր քամին ու ամէնուր կը տանէր մէկ կողմէ աւանդական ռուպին բոյրը, իսկ միւս կողմէ` սնտուկներուն մէջ խնամքով շարուած խնձորներուն ու խաղողներուն բոյրը:

Մըշըլ պապուկն էր հոն, կրակին գլուխ անցած` կը հետեւէր եռացող խաղողի հիւթին, որ հետզհետէ պնդանալով` ռուպ պիտի դառնար: Մըշըլ պապուկին կրակը աշնան չէր մարեր, շաբաթներով վառած կը մնար, որպէսզի թաղեցիները հերթով իրենց խաղողներուն ռուպը պատրաստէին:

Բերքահաւաքի աշխատանքներէն յոգնած` գիւղացիք կը հաւաքուէին կրակին շուրջ, մէկ կողմէ կը հետեւէին կրակին, իսկ միւս կողմէ` իրենց աչքերը երկինք կը յառէին ստուգելու համար ամպերուն ուղղութիւնը եւ հաւանական անձրեւի մը գալուստը, որ կրնար չարաբաստիկ ըլլալ խաղողի ռուպի պատրաստութեան աշխատանքներուն համար:

Մըշըլ պապուկն ու բոլոր ծերերը, հակառակ միջին տարիքի մարդոց ու երիտասարդներուն, հանգիստ կը շարունակէին իրենց գործը` չյագենալով աշնան բարիքները տեսնելով եւ դեղնած տերեւներուն սօսափը վայելելով. ո՜վ գիտէ, գալ աշնան պիտի կարենայի՞ն արբենալ խաղողի ողկոյզներէն ու խնձորի առատ օրհնութենէն…

Դէպի մօրաքրոջս տուն տանող ճամբու եզրին էր Մըշըլ պապուկին հնձանն ու կրակը: Մանկութեանս ամէնէն շատ աշնան կը սիրէի քալել դէպի մօրաքոյրենցս տուն, որպէսզի առիթ ունենայի վայելելու այդ հրաշալի արարողութիւնը:

Որթատունկերէն խաղողի ողկոյզները կը քաղուէին ու կը զետեղուին զամբիւղներու եւ սնտուկներու մէջ, ապա խնամքով կը լեցուէին հնձանին մէջ: Հերթով տղամարդիկ,  յատուկ տրեխներ հագած, կը ճմլէին խաղողի հատիկները, որոնք դուրս կու տային ամբողջ ամառուան մը արեւէն քաղցրացած իրենց հիւթը, որ կը զետեղուէր յատուկ պղինձէ դոյլերու եւ ամաններու մէջ: Խաղողի հիւթին կ՛աւելցնէին ճերմակ հող մը, որ «հաւուրա» կը կոչուէր, որպէսզի այդ նիւթի օգնութեամբ կարելի ըլլայ զտել ու արցունքի պէս զուլալ դարձնել խաղողէն ստացուած հիւթը: Վերջապէս կարգը կը հասնէր կրակին: Խոշոր լաղերու մէջ կը տեղադրուէր այդ զուլալ հեղուկը ու զգուշութեամբ կը դրուէր կրակին վրայ: Տղամարդիկ հերթաբար կը հսկէին կրակը, իսկ Մըշըլ պապուկը տախտակէ պզտլիկ ու ցած աթոռի մը վրայ նստած` կը հետեւէր եռացող ու քիչ-քիչ պնդացող հիւթին: Խաղողի հիւթին գոյնը կրակի տաքութեան տակ կը դառնար ոսկեգոյն ու ապա` մուգ կարմիր: Վերջապէս կը հասնէր մանուկներուն եւ բոլորին սիրելի պահը: Ամբողջապէս ռուպ չդարձած` հեղուկէն քիչ մը կը փոխադրէին այլ ամանի մը մէջ եւ ջրադդումով նոյն հեղուկը կը հոսեցնէին նոյն ամանին մէջ եւ ահա կը գոյանար առատ, ոսկեգոյն եւ խիտ փրփուր:

– Է՜յ, հէ՜յ, «փրփոր»,- կը կանչէր Մըշըլ պապուկն ու բարձրէն կը թափէր հեղուկը տաշտին մէջ ու որքան ձեռքը բարձրացնէր, այնքան աւելի շատ կը գոյանային փրփուրները տաշտին մէջ:

Փրփրալից ամանին շուրջ կը հաւաքուէինք նախ մենք` փոքրերս, եւ կը ճաշակէինք փրփուրը դափնիի տերեւներէն պատրաստուած յատուկ դգալներով:

Դէպի մայրամուտ խոնարհող արեւը բան չէր ըսեր ո՛չ Մըշըլ պապուկին, ո՛չ ալ գիւղացիներուն, որոնք գիշերները մինչեւ լոյս արթուն կը մնային խաղողի ռուպի պատրաստութեան համար: Տքնաջան աշխատանքը փաստօրէն խրախճանքի կը վերածուէր` ուրախութիւն, կերուխում, երգ ու պար: Շատ անգամ ծայր կ՛առնէր շուրջպար մը ու կը վերջանար կեցցէներով ու ծափերով:

Ոսկի աշնան Քեսապ ոչ միայն տարբեր գոյներ կը հագնի, այլեւ կ՛ունենայ տարբեր բոյրեր` բերքահաւաքի, խաղողի ռուպի, նուռի հիւթի, ձմեռնային պաշարի եւ համեմունքներու պատրաստութեան գոյներ ու բոյրեր, որոնք աւանդութիւն դարձած են, եւ որոնց պատրաստութեան ամէն մէկը յատուկ եղանակ ու արարողութիւն ունի: Այսօր չկայ Մըշըլ պապուկը, չկան նաեւ գիւղի ծերերը, բայց քեսապցիք կը շարունակեն ապրիլ ու վայելել Աստուծոյ բարիքները` ապրեցնելով դարերու խորերէն եկած Քեսապի բոլոր աւանդութիւնները:

 

 

Կեդրոնականցին Եւ Պերթրանտ Ռասըլ

$
0
0

ՄԱԿԱՐ, ի Գաղղիա

Օգոստոս է եւ` կանխահաս աշուն: Թզենիի եւ որթատունկի շուքին նստած ենք: Մսկոտ Էլպիս եւ Մակարուհի կը տրտնջան: Էլպիս որթի տերեւներ հաւաքեց իր պոլսական «եալանչի»-ին համար:

Մակարուհին սուրճ բերաւ` թուզի քաղցրաւենիքով: Արմենակին ալեհաւաքը այդ բոլորը կը գնահատէ, բայց միշտ բաց կ’ըլլայ դէպի հեռուներ: Եթէ Կիլիկիոյ իշխան ըլլար, Քոլոմպոսէն առաջ Ամերիկա կը հասնէր:

Որսորդը իր կապարճը կը բանայ, անզուգական Կեդրոնականցին գրպանէն կը հանէ անակնկալներ: Չզարմացայ, երբ յանկարծ թղթիկ մը հանեց, եւ`

– Մակա՛րս, գիտնական եւ իմաստասէր Պերթրանտ Ռասըլին անունը շատ կը լսէինք, երբ մեր Ցեղասպանութեան հարցով ժողովի կը մասնակցէր: Յետոյ մոռցանք: Չգիտցանք, որ իմաստուն էր: Իմաստուններով չենք զբաղիր, կը սիրենք աղմուկ եւ աղմկարարներ:

– Արմենա՛կ, իմաստութիւնը խաղաղութեան մէջ կը ծնի: Ի՞նչ ընենք, մենք հոն չենք հասած,- ըսի:

– Իմաստութիւնը մարդու ճամբան կը լուսաւորէ: Չե՞ս կարծեր, որ այդ լոյսը չունենալով է, որ մենք ծուռիկ-մուռիկ ճամբաներով կ’երթանք, կամ մեզ կը տանին:

Էլպիս, որ ուշադրութեամբ կը հետեւէր, միջամտեց.

– Ի՞նչ կ’ըսէ այդ Ռասըլդ:

– Կը լսենք,- ըսինք Մակարուհին եւ ես:

Արմենակ հանդիսաւորութեամբ կարդաց. «Յաճախ կ’ըսուի, որ չկայ բացարձակ ճշմարտութիւն, այլ միայն` անձնական կարծիքներ եւ դատումներ. այնպէս որ, մեզմէ իւրաքանչիւրը պատրաստուած է իր աշխարհը տեսնելու իր կերպին մէջ, իր յատուկ մասնայատկութիւններով, ճաշակներով, նախապաշարումներով, որ գոյութիւն չունի ճշմարտութեան արտաքին թագաւորութիւն մը, որուն մէջ վերջապէս ընդունուած պիտի ըլլայինք, համբերատարութեամբ, կարգապահութեամբ, այլ միայն իմ ճշմարտութիւնս, քու ճշմարտութիւնդ, այն, որ է մեզմէ իւրաքանչիւրին ճշմարտութիւնը»*:

Կանգ առաւ եւ աւելցուց.

– Ինչո՞ւ ոմանք կը կարծեն, որ վերջին խօսքը իրենց կը պատկանի, չեն հանդուրժեր այլ կարծիք, ուրկէ` կագ ու կռիւ, այր ու կնոջ պէս, եղած-չեղածի համար:

– Աշխարհ այսպէս է, այսպէս պիտի երթայ,- փիլիսոփայեցի: – Այդ ճշմարտութեան թագաւորութիւնը անդենականի մէջ է, հաշուեփակէն ետք:

– Ճի՛շդ,- ըսաւ Արմենակ:

– Ի՞նչ ճիշդ,- հարցուցի:

– Չափի գիտակցութիւնը, որ հայու մարզաձեւ չէ:

– Չեմ հետեւիր:

Արմենակ լրջացած շարունակեց.

– Հիմա լսէ՛ այս իմաստունը. «Կը խորհիմ, որ մենք կրնանք պատկերացնել աշխարհը, որքան ալ անկատար ըլլայ այդ պատկերացումը: Եւ կը խորհիմ, որ իմաստասէրին պարտականութիւնն է ըլլալ կարելի չափով քիչ ձեւազեղծող հայելի մը:  Բայց նաեւ իր պարտականութիւնն է գիտնալ, որ այդ ձեւազեղծումները անխուսափելի են մեր բնութեամբ իսկ: Անոնցմէ հիմնականը այն է, որ մենք աշխարհը կը նկատենք հոս-ի եւ հիմա-ի տեսանկիւնէն, ո՛չ այն մեծ անկողմնակալութեան, որ տիեզերական աստուածութեան հաւատացողները կը վերագրէին աստուածութեան: Նման անկողմնակալութիւն անհնար է մեզի համար, բայց կրնանք փորձել անոր մօտենալ: Այդ ճամբան ցոյց տալ` իմաստասէրին գերագոյն պարտականութիւնն է»:

– Արտակա՛րգ,- ըսի:

– Օր մը մեր «էսթեպլիշմընթ»-ը ժամանակ կը գտնէ՞ եւ ականջը կը բանա՞յ լսելու, որպէսզի փորձէ հոս-էն եւ հիմա-էն հեռանալ, մտածել, որ տիեզերական ճշմարտութիւնը չունի, համեստանայ եւ ընդունի, որ անփոխարինելի չէ,- եզրակացուց բարեմիտ Արմենակ:

25 յուլիս 2017

* Պերթրանտ Ռասըլ (1872-1970), «Գաղափարներուս պատմութիւնը» (1959)։

Անդրադարձ. Հնդկաստանի Դերակատարութեան Հզօրացումը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց Աֆղանիստանի եւ Հարաւային Ասիոյ մէջ իր երկրին նոր ռազմավարութիւնը: Ան յայտնեց, որ իր երկրի դաշնակիցներէն, մասնաւորաբար Հնդկաստանէն կ՛ակնկալէ իր նոր ռազմավարութեան աջակցիլ եւ իրենց մասնակցութիւնը աւելցնել ամերիկեանին համահունչ: Ան նաեւ ընդգծեց. «Փաքիստան շատ պիտի օգտուի Աֆղանիստանի մէջ մեզի հետ գործակցելով, սակայն շատ բան պիտի կորսնցնէ, եթէ շարունակէ ոճրագործներուն եւ ահաբեկիչներուն ապաստան տալ»: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետ Ռեքս Թիլըրսըն իր կարգին նշեց, որ Հնդկաստան պիտի ըլլայ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան երաշխաւորման կարեւոր գործընկեր մը:

Իրեն ուղղուած զգուշացումին կողքին շրջանին մէջ իր հակառակորդին` Հնդկաստանի դերակատարութեան հզօրացման յայտարարումը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական ցանցերը հարուածելու ամերիկեան զինեալ ուժերու լիազօրութեան ընդլայնումը եւ անոր մէջ փաքիստանեան հողերուն վրայ գործողութիւններու նախադէպերուն ուրուականը պարունակող «շատ արագ վրէժ լուծելու» եւ «արագ պատերազմներ շղթայազերծելու» գաղափարներու ներառման նշումը չի կրնար չմտահոգել Փաքիստանը:

Միացեալ Նահանգներ-Հնդկաստան յարաբերութիւններու նոր տարազը նաեւ մտահոգիչ է վերջինիս հետ սահմանային վէճեր ունեցող Չինաստանի համար: Համաշխարհային մակարդակի վրայ «առաջին ջութակահար»-ի դեր ստանձնելու ախորժակներ ունեցող Փեքինը դժուար, թէ հաշտ աչքով դիտէ իր քիթին տակ ընթացող այդ ախորժակի իրականացումը ականահարող, զինք «պաշարող» եւ «զսպող» ամերիկեան քայլը:

Միացեալ Նահանգներ-Հնդկաստան մերձեցումը կրնայ առաջնորդել Չինաստան-Փաքիստան մերձեցումի մը կամ անոր փորձին, որ սակայն պիտի մնայ խիստ սահմանափակ` նկատի ունենալով Իսլամապատի մէջ Ուաշինկթընի ունեցած ազդեցութիւնը եւ արագ իշխանափոխութիւն յառաջացնելու կարողութիւնը:

 

 

Մենք Հայ Ենք

$
0
0

ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Օրեր առաջ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ կարդացի Թամար Սնապեան-Սուրճեանի արդարացի բողոքով գրուած յօդուածը:

Թամարը ընտանեօք եկած էր հայրենիք` աշխարհի բոլոր հայերուն երկիրը.  երեք շաբաթ վայելած էր Հայաստանի բարիքները, եւ երբ հասած էր վերադարձի տխուր օրը, սրտին եւ աչքերուն մէջ գամուած Արարատով հասած էր «Զուարթնոց» օդակայան, ուր Հայաստանի սահմանապահները աներեսաբար ուզած էին ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամէն 50 հազար դրամ տուգանք գանձել, որովհետեւ Հայաստանի մէջ մնալու 21 օրուան վիզա ունէին, իսկ իրենք երկրէն կը հեռանային 22-րդ օրը` մէկ օր ուշացումով, ինչ որ երկրի օրէնքներուն խախտում էր:

Ընտանիքը վիրաւորուած էր, դարձեալ` արդարացիօրէն, եւ մերժած` տուգանքը վճարել: Սահմանապահը դիմած էր այդ պարագային համար նկատի առնուած փոխարինող քայլին եւ օրինազանցները զրկած էր մէկ տարի Հայաստան մուտք գործելէ: Այս արգելքը ապշեցուցած էր նոյնիսկ օդանաւի հիւրընկալուհի-hostess-ը, որ գոչած էր.

– Բայց դուք հա՛յ էք…

Այս բացագանչութիւնը քիչ մը մխիթարած էր ծայր աստիճան վիրաւորուած սփիւռքահայերը:

«Բայց դուք հայ էք…»:

Այո՛, մենք հայ ենք:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը երկիր մըն է, որ  իր օրէնքները ունի, օրէնքներ, զորս պէտք է յարգեն բոլորը, անոնց կարգին` նաեւ այցելու օտարահպատակները, նոյնիսկ եթէ հայ են անոնք:

Այս ընտանիքը ընդամէնը մէկ օրով խախտած էր 21 օրուան վիզան: Հապա ինչո՞ւ կը տրուի վիզան, ինչո՞ւ կը նշուի կեցութեան իրաւունքի չափը: Յարգելու համար, չէ՞:

Բայց մենք հայ ենք:

Այս տխուր միջադէպը զիս տարաւ շատ հեռուներ, յիշեցուց նման եւ ոչ նման միջադէպեր, որոնք բոլորն ալ կապ ունին մեր հայ ըլլալուն հետ, մեզի ամենաթողութեան իրաւունք տուող մեր հայկականութեան հետ:

Կը յիշեմ դեռ խորհրդային շրջանին որպէս հիւր Հայաստան այցելած միութենական ղեկավարներ, «Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէ»-ի ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ, ծանր ճամպրուկներով, առանց քննութեան ճանապարհուելէ ետք, երբ  յաւելեալ կշիռքի դիմաց վճարել պարտաւորուէին, ի՜նչ կռիւներ կ՛ընէին, ի՜նչ սպառնալիքներ կը տեղացնէին խեղճ պաշտօնեային գլխուն, որ նկատի չէր առած իրենց հայ ըլլալը, այդ ալ ի՜նչ հայ, Խորհրդային Հայաստանին մեծամեծ ծառայութիւններ մատուցած հայ:

Հայ ենք:

Կը յիշեմ, անկախութենէն ետք նախկին ցուցարարներէն շատեր դժգոհ էին նախարարներէն եւ նախագահէն, որովհետեւ չէին կրնար, երբ որ ուզեն, երթալ եւ սուրճ ըմպել երէկուան իրենց զինակիցին մօտ:

– Ոնց որ հայ չլինի…

Տակաւին, կը յիշեմ, անկախ Հայաստանի առաջին նախագահը Հալէպ եկած էր: Ամէն մարդ իրեն իրաւունք կը պահէր երթալ եւ նախագահին դուռը ոտքով հրելով` ներս մտնել:

Հայ չե՞նք, նախագահն ալ հայ չէ՞, այդ ալ` մուսալեռցի հայ, Հալէպի մէջ ծնած հայ:

Կը յիշեմ. Հայաստանի այլ նախագահ մը Հալէպ այցելած էր: Զայն դիմաւորող միութենական ղեկավարներէն մին  նախագահին ափը երկու ձեռքերուն մէջ աքցանած` սիրալիր խօսքեր կը փսփսար անոր, թերեւս կը խրատէր ալ անփորձ նախագահը:

Թունդ ազգասէր հայ մըն էր միութենական այդ ղեկավարը:

Կը յիշեմ նաեւ այլ դէպք մը. 1992-1993 թուականներուն էր, երկրին մէջ 11 ամիս ապօրինի մնացած հայ կաթողիկէ վարդապետ մը գացած էր արտաքին գործոց նախարարութեան բաժիններէն մէկը ղեկավարող սփիւռքահայու մը քով բողոքելու, որ համապատասխան գրասենեակը իրմէ ամէն մէկ ուշացած օրուան համար երկու տոլար կը պահանջէր: Ան կ՛ըսէր.

– Եղբա՛յր, ես հոս մնացած եմ ազգիս օգտակար դառնալու, եկեղեցի շինելու, խորհրդային տարիներուն խորթացած հայ ժողովուրդին քրիստոնէութեան գիրկը վերադարձնելու, տեսա՞ր, ինծի շնորհակալութիւն յայտնելու փոխարէն` դրամ կը պահանջեն… ասոնք հա՞յ են:

Հայ պատասխանատուն ի զուր կը ջանար համոզել, որ այս երկիրը պետութիւն ունի, պետութիւնը իր օրէնքները ունի, որոնց ենթարկուելու պարտաւոր ենք բոլորս:

Այս կաթողիկէ վարդապետը միայն մէկ բանի վրայ կը դնէր շեշտը` բոլորիս ալ հայ ըլլալուն: Առանց մտածելու, որ ազգօգուտ նկատած իր գործին պատասխանատու մը կրնար թերահաւատօրէն մօտենալ…

Վարդապետն ալ հայ էր, պատասխանատուն ալ` մեզի պէս:

Անշուշտ այս ամէնուն հետ Թամար Սնապեան-Սուրճեանի ընտանիքին միակ առնչութիւնը հայ ըլլալն է: Սակայն այս ամէնը յիշեցի` անկախ ինձմէ, որովհետեւ անդրադարձայ, որ հայ ենք, եւ մեզի համար դժուար ըմբռնելի պիտի ըլլայ հայրենիքի զգացողութիւնն ու  պետականութիւն եզրին իրարմէ զանազանումը, պետական օրէնքներուն հնազանդելու հրամայականին հետ հաշտուիլը:

Մենք հայ ենք, Հայաստանը մեր երկիրն է, վկայ` օդանաւի աղջկան ճիչի նմանող խօսքը. «Բայց դուք հայ էք…»:

Այս ընտանիքին արարքը մեծ օրինազանցութիւն մը չէ, ԲԱՅՑ օրինազանցութիւն է, որուն պատիժը մեծ եղած է, չափազանց մեծ, ընդվզելու աստիճան անարդար, գոնէ 18 տարեկանէն վար տղան չզրկուէր եւ կարենար արգելքի մէկ տարին չամբողջացած կայանալիք բանակումին գալ: Միւս կողմէ` այս պարագան այնքան դիւրին լուծելի  հարց մը կրնար ըլլալ, եթէ ճամբորդելէն մէկ օր առաջ ընտանիքը դիմէր համապատասխան գրասենեակ եւ մէկ օրով երկարաձգէր Հայաստան իր կեցութիւնը. թերեւս հիւպատոսարանը պէտք էր նախազգուշացնէ՞ր, բայց վիզային մէջ նշուած օրերու քանակը զգուշացում չի՞ նկատուիր:

Այս ամէնը բոլորիս ցաւ կը պատճառէ, որովհետեւ բոլորս հայ ենք, եւ բոլորս կ՛ուզենք, որ այսպիսի հարցեր չծագին:

Եւ հիմա Արարատին նման` մտքիս մէջ հարցում մը գամուած կը մնայ. նախ եւ առաջ մենք` սփիւռքահայերս պէտք չէ՞ ենթարկուինք համայն հայութեան երկրի օրէնքներուն:

 

Յուշեր` Ռաս Ուլ Այնէն

$
0
0

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Առաջին դասարան էի, ատկէ առաջ գացած էի, սակայն յիշողութեանս մէջ առաջին անգամը այդ էր: Ծննդավայրէս հեռու, հայրենիքիս աւելի մօտ, Հասիչէի նահանգին պատկանող, Թուրքիոյ սահմանին վրայ գտնուող այս գիւղը օտար չէ հայերուս համար:

Ռա՜ս Ուլ Այն:

Ռաս Ուլ Այնը 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք դարձած էր հայ ժողովուրդի ապաստաններէն մէկը, ինչպէս` Տէր Զօրը: Հոս ապաստան գտած էր նաեւ Կիւրինէն տեղահանուած մեծ հօրս հայրը` Սամուէլ Խրոյեանը: 1972-ին էր, որ պիտի փոխադրուէին Հալէպ եւ հաստատուէին հոն, ուր հետագային պիտի ծնէր ստորագրեալս: Սկզբնական շրջանին գիւղը ունէր հայկական աշխուժ կեանք մը: Հոն կը գործէին Ազգ. Նահատակաց դպրոցը, կար նաեւ հայկական եկեղեցի մը` Ս. Յակոբը: Ամառնային արձակուրդին մենք չէինք բարձրանար Քեսապ կամ Լաթաքիա, կ՛երթայինք Ռաս Ուլ Այն գիւղը, իսկ երբ գիւղ կ՛ըսենք, կը հասկնանք կանուխ արթննալ:

Առաջին օրն էր. առաւօտուն ժամը 6:00-էն արթնցայ, անշուշտ` ոչ կամովին: Բոլորը արթուն էին, այդ ժամուն համարեա՛ բոլոր խանութները բաց կ՛ըլլան, նոյնիսկ խեղճ հաւերը առտու կանուխ կը սկսին կլոր-կլոր խորովուիլ: Մեծ հայրս մեկնեցաւ գործի, իսկ ես կրկին քնացայ, բայց այս մէկը երկար չտեւեց, ընդամէնը` մէկ ժամ: Ժամը 7:00-ին կրկին արթնցայ: Այս անգամ ի՞նչ տեսնեմ: Բոլոր դրացիները մեր քովն են: Սովորութիւն էր այս մէկը: Ամէն առտու դրացիներ միասին կը խմեն իրենց օրուան առաջին սուրճը, եւ այս անգամ, բախտէս, մեր տունն էր: Արթնցայ, յոյս չունիմ կրկին քնանալու: Անոնց  ձայնին աստիճանը խուլին լսողութիւն կը պարգեւէ: Դրացիին աղջիկն  ալ հոս է` ինձմէ երկու տարի մեծ աղջիկ մը: Անօթի եմ, «կաթիկ» կ՛ուզեմ, «գաւաթ»-ի հանգրուանին չեմ հասած, տակաւին պիպերոնին քովն եմ, բայց ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ այդ մէկը, երբ աղջիկը դէմս նստած է: Ինչպէ՞ս զիջիմ էրքեկութենէս, երբ ես արդէն մանկական շրջանը թեւակոխած եմ: Մօրս ըսի, որ պատրաստէ եւ խոհանոց ձգէ: Երկու վայրկեան ետք ելաւ խոհանոցէն, պիպերոնը պատրաստ ըլլալուն նշանն էր ասի: Ներս գացի, քարին վրայ էր: Է՞, ոտքի՞ պիտի խմեմ «օղի»-ս: Սեւ տոպրակ մը, եւ դարձայ աշխարհի ամենապզտիկ փախստական ապրանք փոխադրողը: Ափսո՜ս, «Կինես»-ը լուր չունեցաւ:

Վերմակիս տակն եմ, մէկը չի զգար: Կէս ժամ մը հոն մնացի: ժամը 9:00 եղաւ, Հալէպ այս ժամուն նոր կը սկսէր օրս, հիմա արդէն ընթացք առեր է: Գիւղը պզտիկ է, ու բոլորը գիտեն զիրար: Եղբօրս հետ Ս. Յակոբ եկեղեցի գացի ու հոն գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին մօտ նկար մը առի, ապա եկեղեցի մտայ մոմ մը վառելու եւ աղօթք մը ընելու համար:

Մեծ հօրս խանութն ենք, նպարավաճառ է ան: Իր յաճախորդները բոլորը` արաբ, բոլորն ալ կը ճանչնան զինք եւ իր անունը կու տան (Ապու Հրաչ): Ես կը լսեմ, պարապ չեմ, պիստակի պարկին մէջ պզտիկ ափս կը նետեմ ու ափս կը լեցնեմ, ձաւարին վրայ մատնահետքերս կը ձգեմ, սուրճի մեքենան չկրցայ աշխատցնել, մարթատելներուն թուականը ստուգեցի, անոնք տակաւին չէին անցած, շամփանիաներուն չեմ հասնիր եւ խախուտ սանդուխին վրայ ոտք նետելու քաջութիւնը չունիմ: Դուման մըն ալ ես էի: Վճռական որոշումը եկաւ. «Խտօ՛ ու ռուհ ալ պէյթ»: Տատա՛, արաբերէն խօսիլ թերեւս չեմ գիտեր, բայց առաջին դասարան եմ, կը հասկնամ: Եղբայրս ալ չհակառակեցաւ, առաւ զիս եւ միասին վերադարձանք տուն:

Ժամը 1:00 եղած էր ու կէս ժամէն ճաշի ժամանակն էր:

Մեր տունը բակի մէջ էր, բակին մէջ կար երկու դրացի: Մէկ կէսը` երկու տուն, իսկ միւսը` ամբողջովին մեզի: Մուտքին բաղնիք ու յետոյ բակը, ետքը` դուռ մը եւ նստասենեակն ես արդէն: ՄՈՒՏՔԻՆ ԲԱՂՆԻ՞Ք, երկրաչափին վարձքը կատար:

Փառք Աստուծոյ, որ մեզի հետ տարեր էինք մեր «Փլէյ սթէյշըն»-ը, լարեցինք զայն եւ մինչեւ 2:30 խաղցանք` ճաշէն առաջ եւ ետք:

Ժամը 3:00: Հօրդ զաւակն ես եթէ, բա՛կ ել, ողջակէզ կ՛ըլլաս, այնուհետեւ խսիրը բացինք եւ սպունգները վրան դնելով` դադար մը առինք:

Դադարէն ետք այդ տաք օդին պաղպաղակը լաւագոյն զովացուցիչն է, մանաւանդ` փոքրիկին համար:

– Մե՛ծ մամա, դրամ կու տա՞ս:

– Երէկուանէն չմնա՞ց:

– Ո՛չ, քոմփիութըր խաղցանք եւ չիփս գնեցինք:

Ակար(եթէ) աս մշղլէզը բերած էք, քոմփիութըրը ինչո՞ւ է, պանքայի վրա՞յ նստեր եմ: (Մշղլէզ` չեմ գիտեր ո՛ր լեզուով, բայց միշտ գործիք իմաստով կը գործածէր, հոս` «Փլէյ սթէյշըն»-ը):

Ինչպէ՞ս պիտի համոզէի մեծ մայրս, որ «Փլէյ սթէյշըն»-ին մէջ «Քաունթըր-սթրայք» չկար: Գթութիւն մը ակնկալելով` ըսի.

– Լա՛ւ, վնաս չունի: Այսօր` առանց պաղպաղակի:

–  Եկո՛ւր, պաչիկ մը տուր, որ տամ:

Մեծ մայրս, լոյս իջնէ շիրիմին, շատ կը սիրէր մեզ:

Գիւղական կեանքի պարզութիւնը հանգստութիւն կու տար ինծի: Հոն չկան մարդիկ, որ անընդհատ կը ծիծաղին իւրաքանչիւր քայլիդ: Հոն պէտք չունիս հաքուիլ-շքուելու, կաղապարուելու ամէն տեղ:

Կէսօրուան ժամը 5:00-ին բոլոր տղոց ծանօթ 75 ս.ո. արժող դրօշակներով գնդակը առնելով` դաշտ գացինք ու 2 ժամ մը խաղցանք: Մթնցաւ, պէտք էր տուն երթայինք, որպէսզի ընտանիքս չմտահոգուէր մեզմով: Թէեւ եղբայրս 5-րդ կարգ էր, բայց հիմակուան պատանիներուն պէս բջիջային հեռաձայն չունէր լուր տալու համար մօրս: Տուն վերադարձանք, ի՞նչ տեսնենք, փողոցը, մեր տան դիմաց դրացիները հաւաքուած, աթոռները դրած, համագումար մը կը կատարէին: Նպատակը` իւրաքանչիւրը տեղեկութիւններ կու տար իր օրուան տարած աշխատանքներուն մասին (ո՞ր սենեակը սրբեց, ո՞ւր մնաց, ճաշը ի՞նչ էր, վաղուան կը բաւէ՞, թէ՞ քովը պէտք է ուրիշ բան մը եփել), ինչպէս նաեւ` նոր ծրագիր մշակել (վաղուան եփելիքը, սրբելիքն ու ընելիքը եւ ամենակարեւորը` առտու որո՞ւ քովն են սուրճի): Կէս ժամ մը իրենց հետ նստելէն ետք տուն մտանք ու լոգցանք: Ընթրեցինք եւ բակը նստանք: Այդ բակին տանիքը երբեք չեմ տեսած, հակառակ անոր որ աստիճանը բակին մէջն է եւ հոնկէ կրնաս ելլել, սակայն այս մէկն ալ խախուտ է: Եղբա՛յր, այս գիւղին հարցը ի՞նչ է աստիճաններուն հետ: Օդը զով, ձայն չկայ, աստղերը երկնքին, իսկ պատին վրայ` մողէզ: Այո՛, մողէզ: Ամէն գիշեր լոյսը երբ կը վառես, նոյն մողէզը մէջտեղ կու գայ, եւ տնեցիներէն ոչ ոք ճիգ կ՛ընէ դէմ դնելու անոր: Մենք ալ անոր վարժուելով` անտարբեր կը մնայինք, առաջին արտայայտութեամբ` «Ըհը՛, ելաւ նորէն»: Գիշեր եղած էր արդէն, անկողինս պատրաստեցի ու քնացայ` աղօթքիս մէջ Աստուծմէ խնդրելով, որ վաղուան խմելիք սուրճը մեր տունը չըլլայ:

 

Գաղափարական Հարցեր. Grassroots Democracy Կամ Ժողովրդային Խաւերուն Ժողովրդավարութիւնը. Ժողովրդավարութեան Ամրապնդման Նոր Օրինակ

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Նոր-ազատականութիւնը նախորդ դարու վերջաւորութենէն եւ ներկայ դարու սկիզբէն իսկ դարձաւ համաշխարհային տնտեսական համակարգ, գործադրուած` աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն մէջ:

Նոր-ազատականները խոստումներ տուին հանրութեան` «նոր աշխատանքներ» ստեղծելու, «ենթակառոյցի արդիականացում» կատարելու, «տնտեսական աճ» արձանագրելու եւ «ցած հարկեր» պարտադրելու իմաստով:

Այս եւ ուրիշ շատ խոստումներ կատարուեցան ի վնաս ժողովրդավարական համակարգին եւ հանրութեան ընդհանուր շահերուն: Հանրութիւնը շահագործուեցաւ եւ դարձաւ գործիք` նոր-ազատական տարրերուն ձեռքին մէջ: Հանրութեան դերակատարութիւնը եղաւ միայն իր բերած քուէն` նոր-ազատական ուժերու օգտին… հաւատալով եւ վստահելով անոնց «նոր աշխատանքներ» ստեղծելու եւ միւս խոստումներուն:

Օգտուելով 1970-ականներու վերջաւորութեան եւ 1980-ականներուն միջազգային գետնի վրայ տիրած սղաճի եւ անգործութեան երեւոյթներէն, նոր-ազատական մեծ ձեռնարկութիւններու եւ դրամատուներու կողմէ առաջադրուած տարրը, օգտագործելով լրատուամիջոցները, երկու երեւոյթներն ալ նկատեց «պետութեան կողմէ շուկայի հսկողութեան» եւ «հանրային սեփականատիրութեան» պատճառ դարձած երեւոյթներ: Անոնք գացին աւելիին. սկսան հանրային հատուածը անուանել «փտած» եւ «ժամանակավրէպ»:

Բոլոր այս միջոցները օգտագործուեցան հանրութեան մէջ անվստահութիւն եւ կասկած սերմանելու` տնտեսութեան մէջ պետութեան միջամտութեան դերակատարութեան նկատմամբ: Այսպիսով, հանրութեան մէջ ստեղծուեցաւ այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր արտադրութեան միջոցներու սեփականաշնորհումը դարձաւ անհրաժեշտութիւն:

Շնորհիւ ժողովրդավարական համակարգին կողմէ ազատ ընտրութեան դրութեան` նոր-ազատական քաղաքականութիւն որդեգրող քաղաքական գործիչները (մեծ ձեռնարկութիւններուն քաջալերանքով) պետութիւններուն մէջ յաջողեցան կազմել օրէնսդիր մարմիններու անդամներուն մեծամասնութիւնը եւ յառաջ տարին արտադրութեան միջոցներու սեփականաշնորհման եւ շուկայի հոլովոյթի ապակեդրոնացման քաղաքականութիւնը:

2007-ի միջազգային ֆինանսական ճգնաժամը ապտակ մը եղաւ նոր-ազատականութեան եւ յուսահատութիւն պատճառեց հանրութեան, մասնաւորաբար` համեստ դասակարգին պատկանող մարդոց:

Այս յուսահատութիւնը համեստ հանրութեան մէջ յառաջացուց ինքնակազմակերպման գաղափարը, որպէսզի այդ հանրութիւնը իր սեփական ուժերով պայքարի ընդդէմ նոր-ազատական ազատ շուկայական տնտեսութեան կողմէ ծնունդ առած վայրագ մեծ ձեռնարկութիւններուն:

Վերջերս ծնունդ առաւ «grassroots democracy» անունով հոսանք մը, որ կը ձգտի կազմակերպել ժողովուրդը` ընդդէմ մեծ ձեռնարկութիւններու շահերուն: Ըստ «Եուր Տիքշընըրի» առցանց բառարանին, «grassroots democracy»-ն «քաղաքական հոլովոյթներու շարք մըն է, որ մէջտեղ եկած է համեստ քաղաքացիներու խումբերէն` իբրեւ ընդդիմութիւն մեծ կազմակերպութիւններուն կամ հարուստ անհատներուն, մասնաւորապէս կեդրոնանալով յատուկ քաղաքականութիւններու վրայ:

«Grassroots democracy»-ին հիմքերը դրուած են ամերիկացի փիլիսոփայ Նոամ Չոմսքիի «Գրաւէ՛» խորագրեալ գիրքին բովանդակած գրութիւններուն մէջ: Ան կը գրէ. «Դէպի ժողովրդավարութիւն ուղղութեան ստեղծումը ցնորքային չէ: Ան կրնայ կերտել նկատելի փոփոխութիւն մը` քաղաքական համակարգին մէջ: Անշուշտ մենք պէտք է դրամը հեռու պահենք քաղաքականութենէն, բայց այս ալ մեծ աշխատանքի կը կարօտի: Այդ ճամբուն հասնելու միջոցներէն մէկն է մեր սեփական ներկայացուցիչներուն ընտրութիւնը: Ասիկա անկարելի չէ»:

«Grassroots democracy»-ն կամ «ժողովրդային խաւերուն ժողովրդավարութիւն»-ը կը ձգտի հաստատել ժողովրդավարութիւնը մարդկային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ (ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական): Ան կը ձգտի հեռու պահել տնտեսութիւնը` մեծ ձեռնարկութիւններու ձեռքէն եւ աւելի ինքնավարութիւն ապահովել բանուորներուն, իսկ քաղաքական համակարգին վերաբերեալ անոր նպատակը ժողովրդավարութեան ծիրին ընդլայնումն է խորհրդարանէն դուրս` առիթ տալով քաղաքացիներուն մասնակցութիւն բերելու քաղաքական որոշումներուն` հանրաքուէներու եւ ցոյցերու միջոցով:

«Գրաւէ՛ Ուոլ Սթրիթը» շարժումը կարեւոր օրինակ մըն է «grassroots democracy»-ին: Անոր կողքին, կան նաեւ նոր ձեւաւորուած ձախակողմեան ուժեր, ինչպէս` Սպանիոյ Փոտեմոսը (Մենք կրնանք), յունական Սիրիզան եւ Փորթուգալի «Ձախ միաւորում»-ը, որոնք ծնունդ առին իրենց պետութիւններուն մէջ որդեգրուած խստամբերական քաղաքականութիւններու դիմադրութեան նպատակով եւ այդ քաղաքականութիւններուն փոխարէն` ընկերային եւ տնտեսական արդար համակարգ ստեղծելու համար:

Հայաստանի մէջ ալ (մանաւանդ` Երեւանէն դուրս քաղաքներուն մէջ, ուր բացակայ են ընկերային ու հանրային ծառայութիւնները), կրնան ստեղծուիլ այնպիսի խմբակցութիւններ, որոնք նպատակ պիտի ունենան կազմակերպել հանրութիւնը` զարկ տալու համար ժողովրդավարութեան եւ ամրապնդել ընկերային արդարութիւնը` օգտուելով եւրոպական օրինակներէն:

 


Անդրադարձ. Հեգնական Երեւոյթէն Անդին

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքճի յայտարարեց, որ Թուրքիա կրնայ մաքսային համաձայնագիր կնքել Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) հետ` աւելցնելով, որ իր երկիրը բանակցութիւններու առաջարկ ստացած է ռուսական կողմէն:

Առաջարկի աղբիւրին մասին ակնարկը Երեւանը մղեց բոլորին` մասնաւորաբար Մոսկուային եւ Անգարային յիշեցնելու, թէ այդ մասին խօսիլը զաւեշտալի է, որովհետեւ Թուրքիան այն երկիրն է, որ 1993-էն ի վեր միակողմանի կերպով փակած է Հայաստան-Թուրքիա սահմանը` Թուրքիոյ եւ ԵՏՄ-ի մաքսային տարածքի միջեւ միակ ցամաքային սահմանը:

Զէյպեքճիի յայտարարութիւնը առաջին ընթերցումով պարզապէս հեգնական է, սակայն իրողութեան մէջ խորք ունի: Այդտեղ կարելի է նշմարել հետեւեալ երեք կէտերը. Առաջինը, որ ամէնէն անմիջականն է, այն է, որ թրքական կողմի յայտարարութիւնը չի բխիր ԵՏՄ-ի հետ մաքսային համաձայնագիր կնքելու անկեղծ ցանկութենէ մը, այլ պատասխան է քանի մը օր առաջ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի կատարած այն յայտարարութեան, թէ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Մաքսային միութեան համաձայնագիրը «առայժմ պիտի չփոխուի կամ պիտի չարդիականացուի»: Անգարայի պատասխանը հետեւեալն է. «Եթէ չարդիականացնէք Մաքսային միութեան համաձայնութիւնը, մենք համաձայնագիր կը կնքենք ԵՏՄ-ի հետ: Եթէ Գերմանիոյ մօտ դժկամութիւն կայ մեզ ընդունելու, ապա Ռուսիան պատրաստ է մեզ ընդունելու»:

Երկրորդը` Թուրքիան բաց ձեռքերով ընդունելու ռուսական կողմին ցուցաբերած պատրաստակամութիւնն է: Մոսկուա ամէն իմաստով կը փորձէ շահագործել Թուրքիա-Արեւմուտք խոր տարակարծութիւնները եւ Թուրքիան «խլել» կամ առնուազն առաւելագոյն չափով հեռացնել Ռուսիոյ հակառակորդ ճամբարէն:

Երրորդ` Պերլին սկսած է տնտեսական ճնշում բանեցնել Անգարայի վրայ եւ պիտի շարունակէ կարծր քաղաքականութիւն կիրարկել, մինչեւ որ Թուրքիան ի վերջոյ սորվի, թէ Գերմանիան հասարակ երկիր մը չէ եւ անոր հետ խնդիր ունենալ կը նշանակէ խնդիր ունենալ Եւրոպական Միութեան հետ, որուն մէջ տիրական ու մղիչ ուժն է Գերմանիան:

 

 

 

Բարձունքներու Ազատագրումը Լիբանանին Ու Լիբանանցիին Յաղթանակն Է

$
0
0

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Անցնող օրերուն հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին շղթայազերծած պատերազմը արդէն իսկ, յաղթական մարտնչումներով իր լրումին կը հասնի յառաջիկայ օրերուն, յատկապէս Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ:

Նախապէս եւ քանի մը օրուան տարբերութեամբ, Արսալի բարձունքները ազատագրուեցան Դիմադրութեան մարտիկներու զոհողութիւններով:

Ու եթէ երբեք լիբանանեան ներքին թատերաբեմի քաղաքական դասաւորումները որոշ վերապահութիւններ կը յառաջացնէին Դիմադրութեան յաղթանակին նկատմամբ, լիբանանեան բանակի գրոհներն ու արձանագրած յաջողութիւնները անվերապահ զօրակցութեամբ ընդունուեցան բոլորին կողմէ, գէթ յայտարարողական մակարդակի վրայ:

Անկախ կատարուածին շուրջ հրապարակուած կեցուածքներէն, անհրաժեշտ է կատարել հետեւեալ հաստատումները:

Առաջին, լիբանանեան բանակն ու զինեալ ուժերը են եւ կը մնան Լիբանանի հողային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան, անկախութեան եւ անդորրութեան պահպանման գլխաւոր հիմնաքարները: Հակառակ բազում դժուարութեանց, բանակը ապացուցեց, թէ ան միասնական այն ուժն է, որ լիբանանեան ազգային գաղափարախօսութեամբ ամրացած պատրաստ է առաւելագոյն զոհողութիւնները ստանձնելու ի գին հայրենիքի պաշտպանութեան: Նախապէս Նահր Պարետը, ապա Ապրան ու հիմա արեւելեան լեռնաշղթան լաւագոյն փաստերն են արդէն:

Երկրորդ, լիբանանեան բանակը սահմանադրութեամբ իսկ իրաւունքը ունի երկրի ամբողջականութեան պահպանման: Քաղաքական ուժերու հովանին կը դիւրացնէ այդ առաքելութիւնը: Եւ ճիշդ հոս է, որ իմաստ կը ստանայ իրաւ ու ճշգրիտ ներկայացուցչութեամբ ընտրուած հանրապետութեան նախագահի մը գոյութիւնը:

Արդարեւ, զօր. Միշել Աուն, արժանաւոր կերպով արդարացուց զօրաւոր նախագահի կերպարը, որ իբրեւ Լիբանանի զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար գիտցաւ կողմնացոյցը ճիշդ ուղղութեամբ զետեղել: Ան եղաւ ու կը մնայ իւրաքանչիւր լիբանանցիի ուշադրութեան առարկան, ակնկալութեանց աղբիւրը եւ գուրգուրանքի կիզակէտը:

Երրորդ, Լիբանանի բանակին ու միաժամանակ Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակները փաստօրէն Լիբանանէն կը հեռացնեն ահաբեկչութեան սաստկացող վտանգը: Այս յաղթանակը արեամբ կերտուած այն յաղթանակն է, որ կը նուիրուի Լիբանանի, լիբանանցի ժողովուրդին եւ իւրաքանչիւր քաղաքացիի: Լիբանանցին ճակատաբաց կերպով կրնայ ինքզինք յաղթական նկատել շնորհիւ այս հսկայական զոհողութիւններուն, որոնք կ՛ապահովեն հայրենիքին եւ քաղաքացիին գոյութիւնը:

Չորրորդ, Այն ինչ որ կատարուեցաւ ու տակաւին կը կատարուի, փաստօրէն արդիւնքն է նոր վարչակարգին օրով յաւելեալ վստահութեան աճեցման եւ փոխադարձ ճանաչողութեան, ընդունման եւ յարգանքի ընդհանուր մթնոլորտին: Այս մթնոլորտը անհրաժեշտօրէն պէտք է զարգանայ ու նպաստէ ներքին միակամութեան ամրացման` աստիճանաբար Լիբանանն ու լիբանանեան զանազան ուժերը արտաքին միջամտութիւններէ ձերբազատելու հեռանկարով:

Լիբանան թեւակոխած է նոր փուլ:

Անհրաժեշտ է քայլ պահել այս փուլին հետ:

Ճակատի վրայ ինկող նահատակները մեր բոլորին նահատակներն են, իսկ վիրաւորները` մեր բոլորին եղբայրները:

Հպարտ ըլլանք այս յաղթանակներով:

 

 

Սոչիից՝ Նախիջեւան. Իսրայէլա-ադրբեջանական սպառնալիք

$
0
0

«ԱԼԻՔ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՄԲԱԳԻՐ
ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ

1- Երէկ Սոչիում Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահուն Պուտինի հետ հանդիպման ողջ ընթացքում, (գրաւոր) յայտարարութիւններով կրկին «արջի եօթ երգերը» յիշեցնող հակաիրան խօսքեր է հնչեցրել…: Իհարկէ, Պուտինի կողմից Նաթանիահուի արտայայտութիւնները անմիջական եւ ուղղակի պատասխանի չեն արժանացել, սակայն հէնց նոյն օրը՝ Նիւ Եօրքում, ՄԱԿ-ի Ռուսաստանեան մշտական ներկայացուցչի միջոցով հետեւեալ պատասխանն է հնչեցւել, ըստ որի՝ «Իրանը Սիրիայում ու առհասարակ տարածաշրջանում կիրառում է կառուցողական քաղաքականութիւն ու դերակատարում…»:

2- Հետաքրքիր զուգադիպութեամբ, երէկ, նոյն օգոստոսի 23-ին (ի դէպ՝ Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագրի 26-ամեակին), Նախիջեւանում ադրբեջանական ռազմական ընդլայնւած ցուցադրութիւններ են իրականացւել՝ թէ՛ օդուժի եւ թէ՛ ցամաքային զօրամիաւորումների մասնակցութեամբ, որոնք քաղաքական փորձագէտների կողմից գնահատւում են նոյնպէս որպէս սպառնալիք՝ ՀՀ-ի անվտանգութեանը…:

4- Համընթաց օրերին, Թեհրանում՝ նախագահ Ռոհանին իր երդմնակալութեանը մասնակից ՀՀ նախագահ Սարգսեանի հետ երկխօսութեան ընթացքում շեշտակիօրէն յայտարարում է երկրի հարեւանութեան մէջ գտնւող շրջաններում օտար, արտաքին ուժերի ներկայութեան ու ռազմական նոր բախումների սպառնալիքները չհանդուրժելու մասին…:3- Դեռեւս անցնող օրերում էր, որ նոյն Նախիջեւանում կայացան թուրք-ադրբեջանական համատեղ զօրավարժութիւնները:

5- Դարձեալ հետաքրքիր զուգադիպութեամբ՝ նոյն օրերին լրահոսում յայտնւեց տեղեկատւութիւն, որի համաձայն՝ փաստւում էր հայկական դիրքերի դէմ օգտագործւող անօդաչու սարքերի իսրայէլական մատնահետքերը…:

6- Իսկ առհասարակ բազմիցս է բարձրաձայնւել այն մասին, թէ Իսրայէլա-ադրբեջանական ռազմա-քաղաքական գործարքների հիմքում ընկած է՝ Իսրայէլի կողմից (եւ ոչ միայն), Ադրբեջանի ու յատկապէս Նախիջեւանեան ռազմաբազաների (օդային եւ ցամաքային) որպէս անմիջական հարթակ օգտագործումը՝ հակաիրան ինչպէս տւեալ դէպքում հակահայաստան դաւերի ու սադրանքների հաշւին…:

 

Հակաբեւեռ Երկու Ընկեր Ու Շաղկապող Դաստիարակներ

$
0
0

ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ

Կանխելու համար որեւէ դիտողութիւն` հեղինակին անաչառութիւնը կասկածի տակ առնող,  ահա իմ բացայայտումը.  Վաչէն Յովակիմեան-Մանուկեանի ընկերներէս է եւ իր գրքին, «Դիմաքանդակներ»-ուն մէջ կայ նաեւ… իմ դիմաքանդակը:  Բացատրութիւն մը եւս. պիտի անդրադառնամ գրքին մէջ ներկայացուած այն անհատներուն, որոնք մեր երկուքին ուսուցիչները եղան Յովակիմեան-Մանուկեանի աշակերտական մեր տարիներուն:  Նոյն դասարանը չէինք, ինք ինձմէ երեք տարի առաջ շրջանաւարտ եղաւ, սակայն բախտը այնպէս բերաւ, որ իր վերջին տարուան ընթացքին մաս կազմէի վարժարանի ուսանողական պարբերաթերթին` «Նուիրում»-ի խմբագրական կազմին:  Ինք խմբագիրն էր:  Վաչէն «Նուիրում»-ին անդրադարձած է, երբ կը խօսի մեր հայերէնի ուսուցչին` Օննիկ Սարգիսեանի մասին եւ կը յիշէ, թէ ինչպէ՛ս Օննիկ Սարգիսեանը օր մը… պատգամած էր.

– Սեմերճեա՛ն, «Նուիրում»-ի խմբագիրը դուն պիտի ըլլաս:

Վաչէին շրջանաւարտութենէն երեք տարի ետք իմ կարգս էր խմբագիր ըլլալու:  Չեմ յիշեր, թէ ո՛վ զիս նշանակեց խմբագրութեան անդամ եւ ապա` խմբագիր, բան մը, որ չնուազեցուց ուրախութիւնս:  Ես ալ, ինչպէս Վաչէն, տպագրական փորձերը սրբագրելու համար «Սեւան» տպարան կ՛երթայի եւ հոն կը տեսնէի, կը զրուցէի մեր ուսուցչին` Սիմոն Սիմոնեանի հետ:  Իր անմոռանալի դիտողութիւնները սրամտութեամբ յագեցուած վայելքներ էին:  Ահա անոնցմէ մին` ուղղուած մեր դասընկերներէն մէկուն.

– Վարդա՛ն (աշակերտին անունը չէ), տղա՛ս, մտքովդ աղաւնի կը թռցնես կոր:

Աշակերտը կարգի եկաւ, բայց թէ դասէն բան մը մնա՞ց իր մտքին մէջ, կը կասկածիմ:

Զարմանալիօրէն, ատկէ շաբաթ մը առաջ կամ շաբաթ մը ետք, Օննիկ Սարգիսեանը եւս դիտողութիւն ըրաւ նոյն աշակերտին: Այս անգամ զգալիօրէն ջղայնացած էր ուսուցիչը, որովհետեւ աշակերտը կ՛ընդմիջէր դասը:

– Ծօ՛, Վարդա՛ն, դուն նոյնիսկ տանիքի քիւէն մերկ կը քալես, որպէսզի մարդոց ուշադրութիւնը գրաւես:  Վե՛րջ տուր զեւզեկութիւններուդ եւ ձայնդ կտրէ:

Հոս` Ամերիկայի մէջ, Օննիկ Սարգիսեանը մտքէն պիտի չանցընէր նման բան մը ըսելու, որովհետեւ ծնողներէ բաղկացած զեւզեկ շաղակրատներու… վաշտ մը պիտի արշաւէր` պահանջելով, ոչ աւելի ոչ պակաս, պրն. Սարգիսեանին… գլուխը սկուտեղի վրայ դրուած, ճի՛շդ Յովհաննէս Մկրտիչի գլխուն նման, անկախ այն իրողութենէն,  որ դիտողութիւնը հաստատապէս տեղին ըլլար:

Պրն. Օննիկի դասերուն` հայերէնի ու հայոց պատմութեան, կը սպասէի ակնդէտ:  Կարելի չէր չսիրել իր դասն ու զինք, ինչպէս Վաչէն բաւականին յստակ ու անվարան կը հաստատէ:  Տաք էր, անմիջական ու հաղորդական: Վճիտ աղբիւրի մը նման` անվերջանալիօրէն կը խօսէր, կը պատմէր, կ՛ունկնդրէր մեր պատասխաններուն` բծախնդիր ուշադրութեամբ:  Ուղղագրութեան պահու մը գլուխս յենած էի ձախ ձեռքիս վրայ եւ ուշի ուշով կը գրէի կարդացուած կտորը:   Շատ չանցած… հրահանգեց.

– Ձեռքդ վա՛ր առ:  Գլուխդ այնքան ծանր չէ, որպէսզի յենակ գործածես:  Ձախ ձեռքով տետրակը բռնէ, որպէսզի շնորհքով գրես:

Ատկէ ետք, ամէն անգամ որ բան մը պէտք էր գրէի, կը յիշեմ դրուագը ու պահ մը կը տատամսիմ` բռնա՞ծ եմ թուղթը, թէ՞ ոչ:

Վաչէն սխալած  չէ, երբ կ՛եզրակացնէ` «…յստակօրէն կրնամ… հաստատել, որ հայերէն լեզուն, եթէ սիրեցի եւ անոր հետ մեծցայ, եթէ անով ապրեցայ, ուր որ գացի այս աշխարհի վրայ, անով մտածեցի, եթէ պէտք ունէի օտար լեզուով ալ խօսելու, կը պարտիմ Օննիկ Սարգիսեանին», եւ անոր` Վաչէին ըրած հաստատումին հետ համաձայն պիտի ըլլային ու չեմ կարծեր, որ չափազանցած կ՛ըլլամ, եթէ ներառեմ իր աշակերտները բոլոր:  Վաչէն ըսած է այն, ինչ որ միւս աշակերտները  պիտի ուզէին ըսած ըլլալ:

Օննիկ Սարգիսեանին դասաւանդած հայոց պատմութեան դասի մասին կարծիքները տարբեր չեն կրնար ըլլալ:  Այդ դասին համար կը գործածէինք Սիմոն Սիմոնեանին եւ Օննիկ Սարգիսեանին հեղինակած դասագիրքը:  Այդ օրերուն մենք դժուարութիւն չունեցանք կարդալու ու մանաւանդ հասկնալու համար թէ՛ հայերէնը եւ թէ՛ հայոց պատմութիւնը, ինչպէս մեզմէ տարիներ ետք եկող աշակերտները ունեցած կը թուին ըլլալ` հետեւցնելով ՀԲԸՄ-ի պաշտօնաթերթին, «Յուշարար»-ի մէջ լոյս տեսած տեղեկագրէ մը:  Տեղեկագրի մէջ ըսուած էր, որ աշակերտները… դժուարութիւն կ՛ունենային դասագրքին հայերէնը հասկնալու ու կը գանգատէին գրքին անհասկնալիութենէն:

Կը մէջբերեմ Վաչէին բացատրութիւնը իբրեւ պատասխան մեր` հիներուս բոլորէն, հայերէնի, հայոց պատմութեան ու Օննիկ Սարգիսեանի մասին.

– Չեմ կարծեր, որ հայերէնի ու գրականութեան այդ շռայլանքը վայելէր այսօրուան ուսանողը, դժուար է մէկ տեղ գտնել ա՛յդ որակով հայերէնի ուսուցիչներու առատ հոյլը` հայկական վարժարանի մը մէջ (Ճեմարանի մէջ Լեւոն Շանթը, Աղբալեանը, Կարօ Սասունին, Մուշեղ Իշխանը` իրենց կարգին ու իրենց ժամանակներուն… շատ բախտաւոր ուսանողներ էինք մինչեւ 1960 թուականը` Յովակիմեան-Մանուկեան աւարտած ուսանողներս:  Կը կրկնեմ, իրա՛ւ բախտաւորութիւն մըն էր, որմէ կրցանք օգտուիլ:  Իսկ այս բոլորէն զրկուածները գիտակի՞ց են իրենց զրկանքին:

Դիտողութիւն մը անհրաժեշտ է հոս` վերջին հարցումին հետ աղերսուող: Եթէ այդ աշակերտները տեսած չեն այն, ինչ որ մենք բախտն ունեցանք տեսնելու ու անյագուրդ ըմբոշխնելու, ինչպէ՞ս կրնան գիտակից ըլլալ իրենց չտեսածի կորուստին:

Վաչէին տուած տեղեկութիւնները Օննիկ Սարգիսեանի մասին` իբրեւ «Շիրակ»-ի խմբագրի եւ գրականագէտի ու գրողի («Օննիկ Սարգիսեանի… Հետքերով»), Լիւսի Սիւլահեանի խմբագրութեամբ, ինչպէս նաեւ` Արամ Սեփեթճեանի խմբագրած հատորներով, կը կերպագրեն գրականագէտը, վաստակաւոր քննադատն ու գրողը:

Այն օրերուն, երբ այս բոլորը տեղի կ՛ունենային, Պէյրութի մէջ կային ելեկտրական հանրակառքեր, որոնք սքանչելի փոխադրամիջոցներ էին` առանց յառաջացնելու ներկայի երթեւեկային քաոսը ու մթնոլորտը ապականող ինքնաշարժներու ծուխը:   Օննիկ Սարգիսեան կը բնակէր Պուրճ Համուտի Տորա թաղամասին մէջ, մեր տունէն երկու-երեք հարիւր մեթր անդին: Երբեմն միասին կ՛ըլլայինք հանրակառքին մէջ: Ինք կ՛իջնէր վերջին կայանը, ես կայան մը առաջ: Յաճախ միասին կ՛իջնէինք, որպէսզի չընդմիջէինք մեր խօսակցութիւնները:  Հանրակառքերու զրոյցներէն անկախ, ամրան ընթացքին կ՛այցելէի իրեն` միասին սուրճ մը առնելու:  Վաչէին ակնարկած հիւմըրով դրուագ մը պատմեց.

– Մեր գրողները տարօրինակ են:  Եթէ գիրք մը հրատարակեն, ու բան մը չըսես, կը գանգատին, որ կ՛անտեսուին:  Իսկ եթէ գրախօսես, կրկին կը գանգատին, թէ ինչո՛ւ չես ըսած, որ տուեալ գրողը իր սերունդին «ամէնէն տիրական» դէմքն է, «լաւագոյն» գրողը:  Թերեւս ալ օր մը զիս պիտի ամբաստանեն, թէ ինչո՛ւ զիրենք… Նոպէլեան մրցանակի յարմար չեմ նկատած:  Թուհաֆ մարդիկ են, երբեմն մեր զեւզեկ կիները փնտռել կու տան:

Վերջաւորութեան Վաչէն կ՛անդրադառնայ Օննիկ Սարգիսեանի դժուարութիւններուն:  Այդ բոլորը տեղի ունեցան եւ պիտի շարունակեն տեղի ունենալ, որովհետեւ կարգ մը մարդոց զլացուած է ստեղծագործական հրայրքը եւ ուրեմն զայն պէտք է փոխարինեն նենգամտութեամբ:  Այդ իրականութիւնը չի փոխուիր:  Կ՛անտեսուի միայն:

* * *

Կեանքի վերջին տարիներու դառնութիւնը բաժին է ինկած նաեւ Գերսամ Ահարոնեանին, ինչպէս կ՛իմանանք անոր նուիրուած դիմաքանդակէն:  Կ՛երեւի, որ մեր գործիչներէն, գրողներէն շատերու ճակտի գիրն է` դէպի յուսախաբութիւն տանող դառնութիւնը:  Բայց այնքան ատեն որ չեն ընկճեր անհատը, այդ դառնութիւնը պէտք է նկատել կնիքը` բացառիկ տաղանդի ու խիզախութեան, որոնք կը պատուաստեն տուեալ անհատը անխուսափելի վատութեանց դէմ:

Վաչէի այս գրքին քանդակները կը յիշեցնեն Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մեծերը եւ միւսները» գործը` տարբերութեամբ մը, գրքին մէջ կը հանդիպինք ու կը ծանօթանանք «Մեծեր»-ուն հետ, առանց որ «Միւսներ»-ը յայտնաբերուած ըլլան:  Վստահաբար Գերսամ Ահարոնեանը կը դասուի «Մեծեր»-ու շարքին` թէ՛ իր հեղինակութեամբ եւ թէ՛ իբրեւ դաստիարակ` մատղաշ պատանիներու ազգային անհատականութիւնը դարբնող եւ որպէս հաւատաւոր գաղափարախօս` ազգային մեր ստուգութիւնը ճարտարապետող:  Գերսամ Ահարոնեանին ես ալ աշակերտած եմ երկրորդական Բ. դասարանէն մինչեւ աւարտական` երկրորդական Ե. դասարան:  Երկրորդական Բ. դասարանէն սկսանք իրեն հետ ընդհանուր ազգաց պատմութեան դասին, հետագային նաեւ` Անգլիոյ պատմութեան եւ հայոց պատմութեան դասերուն:  Անգլիոյ պատմութիւնն ու անոր նուիրուած խրթին դասագիրքը ինծի համար կը մնան առեղծուածային եւ անվերծանելիօրէն անհասկնալի:  Բայց այնքան մը հասկցած պէտք էր ըլլայի, որպէսզի յաջողէի այդ դասի քննութեան Օքսֆորտ ու Քեմպրիճ General Certificate Examination-ին:

Պրն. Ահարոնեանին չորս տարուան աշակերտութեան ընթացքին ան ո՛չ մէկ ատեն ոտքի է կանգնած դասապահերուն:  Ներս կը մտնէր, կ՛երթար ուսուցչի սեղանին ու կը նստէր աթոռին:  Իր ամպիոնէն վար կ՛իջնէր դասի վերջաւորութեան միայն:  Բացի` միակ առիթէ մը:  Սխալ չհասկցուիմ, այդ ոտքի չկենալը իր… ծուլութեան չէ, որ կը վերագրեմ, պարզապէս որովհետեւ խելք ունենալը անհրաժեշտ չէր գիտնալու, թէ որքա՜ն բազմազբաղ պէտք էր ըլլար ան եւ որքա՛ն յոգնած:  Զարմանալի էր ուրեմն, որ ժամանակ կը գտնէր նաեւ ուսուցչութեամբ զբաղելու:  Թերեւս լաւ է, որ այդպէս եղաւ. եսասէր ըլլալու գնով պէտք է ըսեմ, որ բախտաւորներ էինք իրեն աշակերտած ըլլալնուս համար: Այլապէս շատ բան կորսնցուցած պիտի ըլլայինք:

Ահա այն միակ պահը, չորս տարուան մէջ մէկ անգամուան համար` մեր վերջին տարուան առաջին պահուն, վաւերական գործիչի մը վայել ամբողջական վեհութեամբ կանգնած էր… գրատախտակին առջեւ եւ կը գծէր Հայաստանի սահմաններու ուրուագիծը` երկար դէպի արեւմուտք գացող կոր անկիւններով ուղղանկիւն մը` թրքական հրուանդանը:  Աջ կողմը, կրկին կոր անկիւններով ուղղանկիւնի վերջաւորութիւնը` մատնանշելով Սեւ ծովն ու Միջերկրական ծովը:  Քարտէսին վրայ ճշդեց Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ… քոորտինաթները, ինչպէս երեւանցիք պիտի ըսէին, որպէսզի յստակ ու ճշգրիտ պատկերը ունենայինք` մեր մտքերուն մէջ դրոշմուած, մեր ժողովրդի ողբերգութեան տեղագրութեան մասին:  Քանի մը մանրամասնութիւններ շեշտեց ու իր աթոռին վերադարձաւ:  Նստաւ տեղը ու սկսաւ յօրինել ամէնէն առինքնող, ամէնէն սրտառուչ, գրեթէ առասպելական ու եղերականօրէն անհաւատալի դիւցազներգական պատմութիւնը` 1895-էն մինչեւ 1921-ի ժամանակահատուածին: Կարծէք` ամբողջ կեանք մը ուսումնասիրած էր (հաւանաբար այդպէս ալ էր) այդ պատմութիւնը ու անձնապէս կը ճանչնար դերակատարները այդ պատմութեան ու մասնակից էր եղած հերոսական, ինչպէս եւ մեր պատմութեան ահռելիօրէն անփառունակ պարտութեան` Կարսի անկումով վերջացած:  Պատմեց մէկ կտոր` առանց շունչ առնելու, բացառելով բնախօսական շնչառութիւնը, որ իրմէ կախում չունէր, խօսեցաւ, պատմեց երկարօրէն, անձանձրոյթ` միջնադարեան յանկարծաբան աշուղներու նման, որոնք յանպատրաստից դիւցազնապատումներ կը հիւսէին:  Մեզ` աշակերտներս իրեն կապուած կը պահէր եւ առանց որեւէ ճիգի` սքանչելիօրէն յաջողած էր… հմայել մեզ իր հեքիաթային պատմութեամբ` միեւնոյն ատեն վերջ տալով աշակերտական մեր աղմուկին:  Խօսեցաւ ամբողջ տարին եւ չեմ յիշեր, թէ մեզմէ ոեւէ մէկը դասի հանե՞ց, թէ՞ ոչ:  Ես գոնէ չեմ յիշեր այդ դասապահերուն հարցաքննուած ըլլալ եւ ուրախ էի այդպէս ըլլալուն, ոչ թէ որովհետեւ դասի չէի ելած, այդ օրերուն կրնայի գրեթէ տառացիօրէն վերարտադրել այն, ինչ որ բացատրած ու ինչպէս որ մեկնաբանած էր պատմութիւնը` արժեւորելով զայն կերտողներու իրագործումները:  Ինչ որ կ՛ըսէր հեքիաթ չէր, այլ` մեր ժողովրդի արիւնով թաթախուած դաժանօրէն իրաւ պատմութիւնը: Կարելի չէր անուշադիր ըլլալ այդ պահերուն, ապացոյց` ոչ մէկ դիտողութիւն ըրաւ աշակերտները կարգի հրաւիրելու համար:  Կարծէք` այդ տարիքին կ՛անդրադառնայինք, որ կարեւոր երեւոյթի մը վկաները կ՛ըլլայինք:  Երբ վերջապէս կարգը հասաւ ստուգելու մեր հասկացումն ու ըմբռնումը այդ պատմութեան` աւարտական քննութիւններով, պատրաստ էինք բոլորս:  Տարեվերջի բոլոր քննութիւնները կը տեւէին 90 վայրկեան: Հայոց պատմութեան քննութեան համար երբ նստանք, հարցումները, այս պարագային, միակ հարցում մը տրուեցաւ:  Հարցումը այնպէս կառուցուած էր, որ աշակերտը պէտք էր գիտնար այն, ինչ որ ըսած էր նախորդ ուսումնական ամբողջ տարեշրջանին:  Հարցումը կարդալէս ետք սկսայ գրել` մէկ շունչով, առանց կանգ առնելու, մինչեւ վերջ:  Երեսուն էջ էի գրեր:  Յանձնեցի, ու ելանք դուրս:  Հոս պէտք է շեշտեմ նաեւ այն երեւոյթը, որ պրն. Ահարոնեան այդ ամբողջ տարուան դասընթացքը տուաւ առանց որեւէ նոթի:  Ձեռքին ոչ մէկ թուղթի կտոր կար` իբրեւ նոթ, իրականութիւն մը, որ աւելի կը շեշտէր գիտելիքներու իր տարողութիւնը եւ ինքնավստահութիւնը, չվրիպեցնող յիշողութիւնը, որպէսզի իւրաքանչիւր դասապահ սկսէր ճիշդ այն տեղէն, ուր նախորդ պահը աւարտած էր:

Այդ դասերը ձեւով մը իր սեւագրական աշխատանքներն էին «Մեծ երազի ճամբուն վրայ» գործին, որուն կարեւորութիւնը շեշտած է Վաչէն իր «Դիմաքանդակ»-ին մէջ` «…գործը Հայկական հարցի 19-րդ  դարու սկիզբէն մինչեւ 20-րդ դարու 60-ական թուականները հասնող Հայ դատի պատմութեան ընդարձակ մեկնաբանութիւններով հարուստ գիրք մըն է»:  Իրմէ մնացած գործերուն մաս կը կազմեն նաեւ` «Յուշամատեան Մեծ եղեռնի» գործը, որ «իր տեսակին մէջ իւրայատուկ է եւ անկրկնելի», կ՛արժեւորէ Վաչէն, իսկ «Յուշամատեան»-ը իր գիրքը չէ, այլ յղացած ու խմբագրած է զայն ի մի բերելով «մտաւորականներու փաղանգ մը»` Հայաստանէն ու սփիւռքէն, որոնք իրենց յօդուածներով նպաստած են հազարէ աւելի էջերով հատորին:  Տարի մը ետք «Խոհեր յիսնամեակի աւարտին» հատորով Գերսամ Ահարոնեան գնահատականը կու տար յիսնամեակի առիթով տարուած աշխատանքներուն:

Հիմնական նուաճում մը տեղի ունեցաւ յիսնամեակին. մեր ժողովուրդը, առաջնորդուած` իր կաթողիկոսով, մտաւորականներով եւ շնորհիւ  համայնական հաւատաւոր ուսանողներու աննկուն ու հետեւողական պայքարին,  յաջողեցաւ ի մի գալ` միասնականօրէն նշելու Ցեղասպանութեան յիսնամեակը եւ ազգային-քաղաքացիական նոր զարթօնքի յառաջացումը իրականացնելով: Ինչպէս այդ օրերուն եւ աւելի շեշտակիօրէն լիբանանեան քաղաքացիական կռիւներու շրջանին, մեր ժողովուրդի համատեղումը, համախմբումը` իրապէս ըլլալու մէկ ժողովուրդ կրկին ու կրկին անգամ հաստատեց, թէ գաղափարական ի՛նչ երանգ որ գոյութիւն ունի մարդոց մօտ, ժամանակը ցոյց տուաւ այդ գաղափարական տարակարծութեանց եթերային ու կեղծ բնոյթը, որովհետեւ համայնական վերահաս վտանգին առջեւ ժողովուրդը իր բնազդով մէկտեղուեցաւ` իր գոյութենական վտանգը դիմագրաւելու:

Գերսամ Ահարոնեանը ըլլալով զտարիւն հայ ու հեռահայեաց առաջնորդ, յիսնամեակին եւ անոր յաջորդող տարիներուն գոյութիւն առած միասնականութեան կերտողներէն մին եղաւ` միշտ հաւատալով ու հաւատարիմ մնալով այն մեր հոգիներուն ու մտքերուն մէջ ամրագրուած անվիճելի սկզբունքին, թէ «Մեծ երազի» իրագործումը կը պահանջէր, կը հրահանգէր միասնական, հաւաքական ու մանաւանդ հետեւողական աշխատանք:  Այն ուսուցիչը, որ կողմնակի նստած` դասարանի իր ամպիոնին, եւ որուն դէմքէն հեգնական ժպիտը կարծէք վերջնականօրէն անհետացած էր, երբ կը խօսէր, կը բացատրէր, կ՛ուսուցանէր, մէկ խօսքով, կը կռանէր մեզ` իր աշակերտները: Այս էր Գերսամը` զրահուած  բացառապէս ազգային գաղափարախօսութեան ամրաշապիկով, մոռցած` անցողիկ ու ժամանակաւոր կուսակցական նկատումները:  Կը հաւատար գործածուած ամէն մէկ բառին յառաջացուցած ազդեցութեան: Այդ ելոյթներու շարքը հիւսած ուսուցիչը չէր կրնար մասնակցած չըլլալ իր ժողովուրդի միասնականութեան կերտման:

Վաչէն կ՛ակնարկէ ներկուսակցական ստերջ պայքարներու, որոնք խլած են իր սուղ ժամանակէն` ձեւով մը արգիլելով ստեղծագործական խոյանքին թափը իր լրումին հասցնելու: Այդ անհարկի շեղումը գերագոյն գինն էր, որ Գերսամ Ահարոնեանը կրնար վճարած ըլլալ իր կեանքի վերջին տարիներուն:  Միակ մխիթարական իրողութիւնը այն է, որ ըլլալով խորապէս յանձնառու ու գաղափարական մարդ` չէր կրնար… լիլիփութներու նախանձը չշարժել:

Օննիկն ու Գերսամը, ինչպէս նաեւ Վահէ-Վահեանը Յովակիմեանը վերածեցին այն ինչին, որ եղաւ` ժրաջան մեղուափեթակի մը, ուրկէ դուրս եկան մեր կեանքին մէջ գործող հասարակական գործիչներու յանձնառու խումբը:  Այդ բոլորը յաջողեցան, որովհետեւ անհատը, որ նշանակուած էր վարժարանը ղեկավարելու, տնօրէնը` Արա Թոփճեան, ժամանակի մարդն էր, տնօրէն մը, որ գիտէր, թէ ի՛նչ պէտք էր ըլլար վարժարանին առաքելութիւնը եւ ի՛նչպէս հունաւորել աշակերտներու հսկայական կարողականութիւնը: Իր խստութեամբ, երբեմն նաեւ իր զարտուղութեամբ եւ մանաւանդ տաղանդով վերածուեցաւ Յովակիմեան-Մանուկեանը բնորոշող դէմքին:  Բախտաւորուեցաւ ինք, ինչպէս` պրն. Օննիկն ու պրն. Գերսամը, տեսնելով, վկայելով յաջողութիւնը իրենց աշակերտներուն եւ անոնց բերած նպաստով` մեր ազգային կեանքին:

Վաչէն ճիշդ է, երբ կ՛ըսէ, որ Թոփճեանը միայն տնօրէն չէր, այլ նաեւ` անգլերէնի ուսուցիչ ու կը յիշէ անոր տուած դասը, որ մղած է զինք եզրակացնելու, թէ` «Թոփճեանին ըրածը պարզ ժամավաճառութիւն էր, որմէ ո՛չ մէկ բան ունէինք սորվելու եւ արդէն չէինք ալ հասկցած դասաւանդածը» բնորոշում մը, որ կը թակէ անհարկի ու խստապահանջութեան դռները` առանց ամբողջութեամբ ճիշդ ըլլալու:  Հետեւաբար բացատրութիւն մը անհրաժեշտ է հոս:  Մեզի ալ անգլերէն դասաւանդեց:  Ունէինք ընթերցանութեան դասագիրք մը` ափէ մը ոչ շատ մեծ, հաստկեկ, որմէ կտորներ կը նշանակէր ու դասաւանդութեան պահերուն մեզ կարդալ կու տար: Կը հարցաքննէր եւ ընդհանրապէս ինք կը պատասխանէր իր հարցումներուն: Այդ հարցումները կը միտէին վերլուծել տուեալ կտորը: Այդ պահերուն էր, որ սորվեցանք` ինչպէ՛ս գիրք մը պէտք էր կարդալ ու ջանալ վերլուծել կարդացուածը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Վահէ-Վահեանը կ՛ընէր հայ գրականութեան պահերուն:

Թոփճեանը միայն տնօրէն չեղաւ, այլ նաեւ բնօրինակ` դաստիարակին, թերեւս նաեւ` գրողի, կրթական մշակի, որուն կարելի էր փորձել հասնիլ` չմոռնալով բնաւ ժողովրդին հանդէպ ծառայական պատրաստակամութիւնը` կրթութեան ճամբով, մնալու մեր կեանքի պատնէշին վրայ եւ ընտրել պայքարները ճիշդ ձեւով ու պայքարիլ գաղափարներու պաշտպանութեան համար, չմոռնալով բնաւ այն հիմնարար սկզբունքը, թէ որեւէ գաղափար, որքան ալ` գրաւիչ ու վեհ, չի կրնար փոխարինել ժողովուրդն ու անոր ակնկալիքները` ինքզինք նորոգելու եւ գոյատեւելու:  Այդ բոլորը մեզի սորվեցուցին անոնք, որոնց այստեղ անդրադարձայ, եւ անոնք, որոնք Յովակիմեան-Մանուկեանը վերածեցին մեր ազգային մշակութային մեհեանին: Վաչէին «Դիմաքանդակներ»-ու շարքը կը մէկտեղէ սիրելի անուններ, դէմքեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը բերած է իր ուրոյն նպաստը` մեր կեանքը քիչ մը աւելի շքեղացնելու:  Հատորը ցուցասրահն է, ուր Վաչէն բծախնդրօրէն կը ծանօթացնէ իւրաքանչիւր դիմաքանդակը` մարդոց, որոնք գրքին էջերէն կը բարբառին այս անգամ ոչ անպայմանօրէն իրենց ուզած ձեւով, այլ ինչպէս Վաչէն ուզած է, որ անոնք խօսին: Այցելուները, այս պարագային` ընթերցողները, կը հաղորդուին անոնց շունչով, անոնց պատգամներով եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ առիթ տալով աշակերտին, աշակերտներուն` յիշելու զիրենք, հաստատելու այն անխառն ու անմնացորդ յարգանքն ու սէրը, որ իրենցն է, որ չի նուազիր տարիներու անցումով, ու մակարդուելով, վերածուելով մշտանորոգ սիրոյ ու երախտիքի` ճիշդ Վաչէին պատկերած յուշերու գրաւիչ տեսերիզին նման:

smargossian@sbcglobal.net

16 յուլիս, 2017
Լոս Անճելըս

Քաղաքական Անդրադարձ. Հարաւային Ասիան Նոր Տագնապի Դիմաց

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Ամերիկացի քաղաքագէտ Ռոպերթ Քափլան իր «Աշխարհագրութեան վրէժը» խորագրեալ գիրքին մէջ կը վերլուծէ Չինաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ բախումներու պատմութիւնը, եւ թէ` ինչպէ՛ս այսպիսի բախումներ կրնան հարաւային Ասիան վերածել քաղաքական հրաբուխի մը: Ժամանակակից պատմութեան մէջ այս երկու հսկայ պետութիւններուն միջեւ առաջին զինեալ բախումը տեղի ունեցաւ 1962-ին` Թիպեթի հարցով, ուր Հնդկաստան 1959-ին օժանդակեց Թիպեթի յեղափոխութեան` ընդդէմ չինական համայնավար պետութեան, ապա 1962-ին Հիմալայայի շրջանին մօտ երկու զօրքերը իրարու դէմ կռուեցան, եւ այս  պատճառով արձանագրուեցան 2000 մեռեալ եւ 2744 վիրաւորներ, սակայն ոչ մէկը յաղթական դուրս եկաւ կռիւէն, հակառակ անոր որ Չինաստանի ռազմաքաղաքական դիրքը հնդկական թերակղզիին վրայ աւելի հզօրացաւ: Վերջին օրերուն արձանագրուած սահմանային բախումները շատերուն յիշեցուցին այդ օրերը:

Օգոստոսի կիսուն չինական եւ հնդկական սահմանային զօրքերը զինեալ բախումներ ունեցան Տոքլամի բարձունքներուն վրայ` Հիմալայայի շուրջ, ուր երկու երկիրները կը փորձեն շրջանը իրենց տիրապետութեան տակ առնել: Այդ բախումներուն պատճառով Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ բանակը պատրաստ է պաշտպանողական միջոցառումներ որդեգրելու եւ հակահարուած հասցնելու չինական թիրախներուն: Իսկ չինական Ժողովուրդի ազատագրութեան բանակի բանբերը վստահեցուց, որ կացութիւնը բանակին հակակշիռին տակ է, սակայն շեշտեց, որ այսպիսի բախումներ սահմանափակուած կը մնան որոշ տարածքներու մէջ: Վերջին օրերուն լրատուական միջոցները սկսան արձագանգել նաեւ Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ նոր պատերազմի մը փուլի սկսման: Անշուշտ եթէ այսպիսի դէպք մը պատահի, Չինաստան ձեռնածալ պիտի չմնայ եւ պիտի օժանդակէ իր դաշնակից Փաքիստանին: Եւ այսպէս, երեք հիւլէական ուժերը շրջանային պատերազմի մէջ մտնելով` կրնան վտանգի մատնել ամբողջ ասիական ցամաքամասը: Չինաստանի համար Փաքիստանի հիւլէական ուժը կը նկատուի խանգարիչ ազդակ` Հնդկաստանի հիւլէական ուժին դիմաց, սակայն միեւնոյն ժամանակ Չինաստան մտավախութիւն ունի, որ Փաքիստանի այս զէնքը կրնայ իյնալ ծայրայեղ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հակակշիռին տակ:

Իր ներկայութիւնը ապահովելու համար Հնդկական ովկիանոսին մէջ Չինաստան կառուցած է հսկայական ծովային ցանց մը, որով Սրի Լանքայէն մինչեւ Ճիպութի կապ մը ստեղծուած է` այսպիսով Հնդկական ովկիանոսը տնտեսապէս իր գերակշիռին տակ առնելով: Միեւնոյն ժամանակ Չինաստան յատկացուցած է 48 միլիառ տոլար արժող ներդրում մը` Փաքիստանի հետ իբրեւ տնտեսական միջանցք դէպի Աֆղանիստան ճամբայ մը բանալու համար: Բան մը, որ կը մտահոգէ ամերիկեան վարչակազմը: Հնդկաստան այս հարցին շուրջ իր բնական դաշնակիցը կը տեսնէ Միացեալ Նահանգները` կասեցնելու համար չինական տնտեսական եւ ռազմական ներխուժումը շրջանին մէջ: Աւելի՛ն. Հնդկաստան իր տնտեսական եւ զինուորական յարաբերութիւնները զարգացուց Ամերիկայի ու Ճափոնի հետ, որպէսզի պաշտպանէ Հնդկական ովկիանոսը չինական ընդարձակումէ: Ճափոն Չինաստանի համար կը նկատուի տնտեսական մրցակից, եւ երկու երկիրները տասնամեակներ շարունակ պայքարած են հարաւային Չինաստանի ծովուն համար: Հնդկական ովկիանոսը եղած է առեւտրական կամուրջ մը` հարաւասիական երկիրներուն եւ Միջին Արեւելքի ու Ափրիկէի միջեւ, այս պատճառով ալ Չինաստան կ՛օգտագործէ Սրի Լանքայի եւ Սոմալիի նաւահանգիստները: Զարմանալի չէ, որ Ափրիկէի մէջ Չինաստան հսկայական տնտեսական շահեր եւ ներդրումներ ունի: Չինաստանի համար մղձաւանջ կ՛ըլլայ, եթէ Հնդկաստան, Միացեալ Նահանգներ եւ Ճափոն շրջապատեն զայն եւ Հնդկական ովկիանոսի ճամբան փակեն անոր առջեւ: Յուլիսին ամերիկեան, հնդկական եւ ճափոնական բանակները ռազմափորձեր կատարեցին  շրջանին մէջ, իսկ Միացեալ Նահանգները աւելի քան 2 միլիառ տոլար արժող զէնք տրամադրեցին հնդկական կողմին. այսպիսով, Հնդկաստան կ՛ուզէ ուժերու հաւասարակշռութիւնը շրջել ի նպաստ իրեն: Թէեւ գետնի վրայ չինական ռազմական ուժը աւելի հզօր է եւ ամուր` ներքին պառակտումներէ, սակայն հնդկական ծովուժը փակելով չինական առեւտրական ջիղը Հնդկական ովկիանոսին մէջ` կրնայ նաեւ որոշ ռազմավարական յաղթանակներ արձանագրել:

Հնդկաստանի ուժը հաւասարակշռելու համար Չինաստան իր տնտեսական գործակցութիւնը կը հզօրացնէ Փաքիստանի հետ, որպէսզի Հնդկաստան զգայ չինական տնտեսական ճնշումը, գիտնալով, որ ան չի կրնար երկու ճակատներու` չինական եւ փաքիստանեան ճակատներուն  վրայ պայքարիլ: Փաքիստանի համար լաւ առիթ մըն է, եթէ չինական-հնդկական սահմանը աղէտի առջեւ գտնուի: Փաքիստան պատմական հաշիւ ունի մաքրելիք Հնդկաստանի հետ Քաշմիրի շուրջ, որուն բնակիչները իսլամ են, սակայն շրջանին արեւելեան կողմը կը գտնուի Հնդկաստանի տիրապետութեան տակ: Մինչ բախումներ տեղի կ՛ունենային Հիմալայայի շուրջ, փաքիստանցի զինեալներ ներխուժեցին հնդկական Քաշմիր, իսկ իբրեւ հակազդեցութիւն` հնդկական օդուժը ռմբակոծեց Քաշմիրի փաքիստանեան տարածքները: Երկու կողմերը ամբաստանեցին զիրար` զինադադարը խախտելու յանցանքով:

Ուաշինկթընէն դիտուած` Ամերիկան նոյն մտահոգութիւնը կը բաժնեկցի Հնդկաստանի հետ, սակայն Միացեալ Նահանգներու համար նաեւ կարեւոր է Աֆղանիստանի կայունութիւնը, որ որոշ չափով կախեալ է Փաքիստանի անվտանգութենէն եւ քաղաքական կայունութենէն: Ասիկա իբրեւ խաղաքարտ կ՛օգտագործուի Փաքիստանի կողմէ Ամերիկայի դէմ` վերջինիս հնդկամէտ արտաքին քաղաքականութեան պատճառով: Հետեւաբար Փաքիստանի քաղաքական շահերը Աֆղանիստանի մէջ կախեալ են Փաքիստան-Հնդկաստան յարաբերութիւններէն: Մինչ միջազգային քաղաքականութիւնը զբաղած է միջինարեւելեան տագնապով, անդին հարաւային Ասիոյ մէջ հակամարտութիւնները նոր թափ կը ստանան:

Yeghia.tash@gmail.com

 

Viewing all 12135 articles
Browse latest View live