Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12135 articles
Browse latest View live

Տակաւին Երէկ Էր…

$
0
0

(Համազգայինի Խօսքը` Հայ Մշակոյթի Խնկարկու Գալուստ Պապեանի Յիշատակին)

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ-ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ

Համազգայինի մեծ ընտանիքին կողմէ պատիւը ունիմ երկու խօսք արտասանելու մեր բոլորին սիրելի ընկ. Գալուստին մասին. թէեւ խօսքերը անբաւարար կը թուին ըլլալ` արտայայտելու մեր խորազգաց սէրն ու յարգանքը անոր հանդէպ:

Տակաւին երէկ էր…

Համազգայինի Գրասէրներու խմբակի հաւաքը իր աւարտին հասած է, որուն ուշադրութեամբ հետեւած է մինչեւ վերջ: Շուրջը աչք մը կը նետէ, ձեռքը կամացուկ մը վեր կը բարձրացնէ ու ոտքի` իր շնորհաւորանքի ու քաջալերանքի խօսքը կ՛ուղղէ դիմացը կանգնած երիտասարդին, որ ջանք չէ խնայած ու յանդգնութիւնը ունեցած է Շուշանեան մը, Ահարոնեան մը, Վարուժան մը, Ծառուկեան մը ներկայացնելու: Համազգայինի «Յարութիւն Մանուկեան» գրադարանէն չմեկնած` հոգատար, հայրական ձեռքը ուսիդ կը դնէ, ժպիտը դէմքին` աչքերուդ մէջ կը նայի ու գլուխը թեթեւ մը շարժելով ու աչքը սեղմ թարթելով` իր հաւանութեան ու գնահատանքի խօսքը կը յայտնէ քեզի լռելեայն… երբեմն` «Պատի՛ւ արժանաւորաց» մը գլորելով, «վա՛րձքդ կատար, ընկե՛ր» կամ` «ընկերուհի» մը բարձրաձայնելով, ի հարկին թելադրանք մը, բոլոր պարագաներուն ալ  անկեղծ, ըստ արժանւոյն:

Մեր սիրելի ընկեր Գալուստն է. Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի երկարամեայ, հաւատաւոր, մեծահոգի ու անզուգական ընկեր Գալուստը, մտաւորական համեստ ընկերը, որուն տաղանդն ու արուեստը, գործօն մասնակցութիւնը, համբերատար, ներողամիտ բնութիւնը, օգտաշատ խրատները, յարատեւ քաջալերանքը, կատակները, անկեղծ ու անշեղ միութենականի կերպարը, մտերմութիւնը բախտաւորութիւնը ունեցած ենք վայելելու տասնեակ տարիներու ընթացքին, Համազգայինի մեծ ընտանիքէն ներս:

Տակաւին երէկ էր…

«Ներաշխարհիս ոսպնեակէն» հատորին հրատարակութիւնը կը մօտենայ. միասին նստած ենք ու իր բառերով` «բարձրաձայն կը մտածէ»: Միտքերու շարան մը կը յորդի իրմէ, մէկը միւսին յաջորդելով ու վերջապէս ուշադրութեամբ թղթածրարէն կը հանէ հատորին առաջին օրինակը. արդարացի հպարտութեան ցոլքեր կան աչքերուն մէջ: Այնքան խնամքով կը դարձնէ  էջերը. իւրաքանչիւր լուսանկարին ետեւ` պատում մը, որ համով հոտով կը փոխանցէ, քեզ սիրով հրաւիրելով իր աշխարհը, հոն, ուր գեղեցիկ է ամէն ինչ` արուեստագէտի բծախնդրութեամբ ու նրբութեամբ հիւսուած: Կարծես իւրաքանչիւր էջի հետ ամբողջ կեանք մը կը սահի իր աչքին առջեւէն, զոր կ’ապրի ու կ՛ապրեցնէ կենդանի լուսանկարներուն ընդմէջէն:  Ու հոն կը զգաս արուեստագէտի նրբազգաց հոգին, կը թափանցես իր ներաշխարհը:

Հատորին շնորհահանդէսն է Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ. աննախընթաց տօնախմբութիւն մը, որ ներգրաւած է արուեստագէտներու փաղանգ մը, Աթոմ Էկոյեանէն մինչ Արսինէ Խանճեան, Հրանդ Ալիանաք ու շա՜տ շատե՛ր. մշակութասէր երիտասարդներու խմբակ մը, հին ու նոր բարեկամներ, յատկապէս` հեռուներէն ժամանած ընկերներ: Պատահական չէ այս երեւոյթը: Իբրեւ արուեստագէտ, իբրեւ միութենական, իբրեւ Մարդ` ան կրցած է հոգեկան կապեր ստեղծել տարիներու ընթացքին, մտերմութիւններ`զանազան արուեստագէտներու ու մշակոյթի խնկարկուներու հետ` մեծէն մինչեւ երիտասարդը եւ շահած է բոլորին համակրանքն ու յարգանքը: Ոտքի են բոլորը, ծափերը կը շարունակուին…

«Խնկարկու». նախասիրած բառերէն մէկը, որ վայել է իր անձին:

Բոլորին կողմէ սիրուած ու յարգուած` հայ մշակոյթի խնկարկու ընկեր Գալուստն է:

Համազգայինի «Նուռ» ժապաւէնի փառատօնն է. գրակալին ետեւ կանգած` Փարաջանովի հետ ունեցած կախարդական այդ պահը կը բաժնէ մեզի հետ, իր նկարագրութեամբ` ասպարէզին ամէնէն յիշատակելի ու հարստացնող փորձառութիւնը: Բոլորս կլանուած մտիկ կ՛ընենք. վարակիչ է եռանդը, դիմացինը իրեն հաղորդակից դարձնելու կարողութիւնը` իւրայատուկ:

Բաւ է թերթել Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի լուսանկարներու հաւաքածոն, թերթել մամուլի էջերը, ու հոն կը տեսնես զինք` բեմի վրայ, բեմին ետեւ, ցուցահանդէսներու ընթացքին, գրական ելոյթներու ընթացքին… Հո՛ն, ուրկէ մշակոյթի բոյր կու գայ, հոն է ընկեր Գալուստը. Համազգայինի լսարաններուն ու ժողովներու սեղանին շուրջ, մտերմիկ հաւաքներու ընթացքին, Սայաթ Նովայի, սիրերգութեան երեկոներուն, տաք զրոյցներու մէջ: Եւ սոսկ ներկայութիւն չէ, այլ` խորհող, տագնապող, խորհրդածող, մասնակցող, ասմունքող, առաջարկող, ձգտող, երազող, լսող… Ականջալուր մանաւանդ` նորահաս սերունդին, որուն սէրն ու յարգանքը շահած է: Այնպէս` ինչպէս հայ ու հայութիւն «դարդ» էին Փարաջանովի համար, ընկ. Գալուստ եւս ազգին հոգսերով տագնապողն է… ո՛չ մակերեսային, այլ` խորապէս. իր բազկերակը հայով ու հայութեամբ կը տրոփէ:

Այո՛, տակաւին երէկ էր…

Գիրքի մը շնորհահանդէսն է. կը մօտենանք իրեն. «Ընկե՛ր Գալուստ, յարմար նկատեցինք որ դուք ընէք թղթակցութիւնը. կարելի՞ է»: Ու ընկալուչին ետեւէն` փափկանկատօրէն. «Ը՜, սիրելի՛ ընկերուհի, շոյուած եմ. սակայն հետեւեալն է, չեմ սիրեր մերժել` գիտես, բայց ես լրագրող չեմ, ես պարզապէս տպաւորութիւններս է, որ թուղթին կը յանձնեմ»: Ու այնքան հոգեհարազատ, համով հոտով գրութիւն մը դուրս կու գայ, որ բոլորովին կը յափշտակէ քեզ:

Մե՛նք ենք շոյուածը, ընկե՛ր Գալուստ:

Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի ընդհանուր ժողովներէն մէկն է. ժողովի օրէնքներն ու յատկապէս ընկերները յարգելով` ձայն կը խնդրէ: «Եթէ թոյլ կու տաք, ընկերնե՛ր, հարցը լաւապէս քննելու համար փոքր բացատրութիւն մը կը խնդրեմ, եթէ կարելի է»: Մի՛շտ յարգալիր ընկ. Գալուստն է:

Տակաւին երէկ էր, երբ Համազգայինի նախաձեռնութեամբ իր լուսանկարներու ցուցահանդէսը տեղի կ՛ունենար Երեւանի մէջ, լուսանկարներու հատորին շնորհահանդէսը տեղի կ՛ունենար Թորոնթոյի, Մոնրէալի մէջ, Քէյմպրիճի մէջ…: Իբրեւ վարչական անդամ, թէ պարզ ժողովական, իբրեւ մտաւորական, պատգամաւոր, հանդիսատես, գնահատագիրներու արժանացած ընկեր, հանրաճանաչ լուսանկարիչ, բանաստեղծ, բեմադրիչ, արուեստագէտ` ընկ. Գալուստ ընդելուզուած է Համազգայինի ընդհանրապէս եւ յատկապէս «Գլաձոր» մասնաճիւղի պատմութեան:

Այո՛, տակաւին երէկ էր, որ իր ու տիկ. Յասմիկի մտերմութեամբ, իրենց տան մէջ թէյասեղանի շուրջ կը զրուցէինք մեր համայնքին, Համազգայինի, հայրենիքի մասին: Համազգային եւ ընկ. Գալուստ` միասին քայլ նետած ենք, միասին տօնակատարած ենք ու` միասին ցաւած. միասին ապրած իւրաքանչիւր ելեւէջ: Ընկ. Գալուստ ոչ միայն ընդելուզուած է Համազգայինի պատմութեան, այլ նաեւ` ապագային, քանզի ան իր օրինակելի միութենականի ու տիպար ազգայինի դրոշմը դրած է մեր սաղարթներուն` նորահաս սերունդին վրայ:

Ահա թէ ինչո՛ւ դժուար է ընկ. Գալուստին մասին խօսիլ, յատկապէս` անցեալի դէմքով. ան կենդանի է, կայ ու կը մնայ Համազգայինի լուսաւոր աստղերէն մին, որուն լոյսով պիտի առաջնորդուինք դէպի ապագայ հորիզոններ:

Փակագիծ մը բանալով` ըսենք, որ ընկ. Գալուստի անունին ֆոնտ մը հաստատուած է, որուն նաեւ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Համազգայինը:

Սիրելի՛ ընկ. Գալուստ,

Համազգայինը, Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղը յաւելեալ փայլք ու շնորհք ստացաւ շնորհիւ քեզի, մեր մշակոյթը աւելի հարուստ է` շնորհիւ քեզի:

Սիրեցիր գեղեցիկը, ձգտեցար գեղեցիկին. զարմանալի չէ ուրեմն, որ նախասիրած բանաստեղծներէդ էր Դանիէլ Վարուժան: Սիրեցիր մեր լեզուն ու այնքան խնամքով գուրգուրացիր մեր ոսկեղնիկին վրայ. զարմանալի չէ ուրեմն, որ նախասիրած գրողներէդ էր Վազգէն Շուշանեան: Հաւատացիր անուշ խօսքին, քաջալերական երկտողին ու բացիկին, ընկալուչը վերցուցիր անվարան` յաւելեալ թափ մը տալու մեր բոլորին:

Լուսանկարչութեան ակնարկելով` ըսիր.   «Հիմնականը այն զգացումը փոխանցելն է դիմացինիդ, որ ոչ թէ դուն իրմէ բան մը կը խլես, այլ միասնաբար գեղեցիկ բան մը կը կերտէք»:  Միութենական կեանքի մէջ եւս, սիրելի ընկեր Գալուստ, մենք միասնաբար գեղեցիկ բան մը կերտեցինք, որ կը կոչուի ջերմ ու հարազատ միութենական կեանք: Տուիր` առանց ակնկալելու ու հիմա եւս, Չարենցի խօսքերը փոխ առնելով, չես պահանջեր փառք ու վարձ ու կ’երթաս:

Վա՛րձքդ կատար, երթդ բարի՜, յիշատակդ կ’ապրի, սիրելի՛, անմոռանալի՛ ընկեր:

25 յուլիս, 2017

 


Տեսակէտ. Ազգ-Եռաբլուր

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Ապրիլեան դէպքերէն ետք, երբ Հայաստանի իշխանութեան եւ մանաւանդ պաշտպանութեան նախարարութեան ու բանակի բացթողումներուն համար փոփոխութիւններ տեղի ունեցան, իրողութիւն մը կար, որ մնաց նոյնը: Մեր ռազմավարական դաշնակիցը` Ռուսիան, ժամանակակից սպառազինութեամբ տակաւին շարունակեց զինել մեր թշնամին:

Կը յիշենք եւ չենք մոռնար մեր տղոց բազուկներով պաշտպանելու հերոսական պատմութիւնները:

Կը յիշենք եւ չենք մոռնար 80-ական թուականի զէնքերով մեր առաջին դիրքերուն կատարուած սխրանքները:

Կը յիշենք եւ չենք մոռնար մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը:

Սակայն այս բոլորին մէջ մէկ հարց մնաց նոյնը: Ապրիլեան դէպքերէն առաջ եւ ետք օրակարգ մը կայ. բանակին հարցերը քննելը եւ քննադատելը արգիլուած էր եւ է տակաւին: Աւելի՛ն. եթէ ակնարկ մը ընես, քեզ կը բարդոյթաւորեն` ըսելով, որ` թշնամիին օգնած կ՛ըլլաս: Սակայն անցնող տարիներուն վաստակաշատ մտաւորականներ մերթ ընդ մերթ իրենց յօդուածներով կ՛արտայայտէին բանակի մասին մտահոգութիւններ: Ռուբէն Յովսէփեանը, Վահան Յովհաննիսեանը: Լիլիթ Գալստեանը եւ ուրիշներ անուղղակի հարցադրումներով մտահոգութիւններ կը դնէին, եւ ապրիլեան դէպքերը եկան այդ բոլորը փաստելու: Աւելի ճիշդը` այդ բոլորը հաստատելու:

Ազգ-բանակ կամ ազգ-Եռաբլուր հասկացողութիւնը շատ պարզ եւ խորունկ իմաստ ունի: Ազգ-բանակ իրականութիւնը փաստուած է, եւ ոչ մէկ ատեն ոչ ոք կրնայ հարուածել այդ միասնութեան: Հարցը սակայն ազգ-Եռաբլուր հասկացողութեան մէջ է, որ այլապէս մեզի համար նուիրական է եւ հսկայական խորհուրդ ունի։

Մենք մինչեւ ե՞րբ հարցերը երեւոյթներով եւ ըստ էութեամբ պիտի չքննենք: Պաշտպանութեան նախարար փոխելով քանի մը հրամանատար փոխելով` հարցը կը լուծուի՞ արդեօք: Հովանաւորները ի՞նչ պատասխանատուութիւն պիտի վերցնեն: Այդ ամբողջ իրարանցումը առանձին որոշումո՞վ կ՛ըլլար: Յետոյ ալ այդ ամբողջ իրավիճակին պատիժը միայն պաշտօնի զրկումով վերջ կը գտնէ: Միայն դէմքեր փոխելով` համոզուա՞ծ ենք, որ ամէն բան լաւ է: Ո՞վ է պատասխանատուն: Պաշտօնազրկութիւններով հարցերը լուծելը ինչպէ՞ս տրամաբանական կը գտնենք: Բանակի սպառազինութիւնը մեր բոլորին խնդիրն է։

Եռաբլուրի նահատակները, որ հոն են իրենց ծնողներով եւ հարազատներով, սփիւռքը, որ անհաշիւ մատակարարողն է, Հայաստանէն մինչեւ Արցախ:

Ազգ-բանակը համահայկական առաջադրանք է։

 

 

«Ուրացման Ճարտարապետները» Ժապաւէնը Պիտի Ծանուցուի «Ամերիքանա»-ի Մէջ

$
0
0

«Ուրացման Ճարտարապետները» ժապաւէնը ծանուցող պաստառներուն տեղադրումը արգիլող «Ամերիքանա»-ի որոշումին դէմ հինգշաբթի, օգոստոս 17-ին Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած մամլոյ ասուլիսէն քանի մը ժամ առաջ «Ամերիքանա» շուկայի սեփականատէր «Քարուսօ ըֆի-լիէյթըտ» հաստատութեան փոխտնօրէն Ճեքի Լեւի ստորագրութիւնը կրող եւ Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբին հասցէագրուած նամակ մը տեղեկացուց, թէ պաստառները ձրիաբա՛ր պիտի ծանուցուին «Ամերիքանա»-ի մէջ:

Լեւի այդ նամակին մէջ նաեւ դատապարտած է աշխարհի տարածքին բոլոր բռնարարքները, ներառեալ` Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն ուրացման համար Թուրքիոյ գլխաւորած արշաւին մասին է վերոյիշեալ վաւերագրական շարժապատկերը:

Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբը կ՛ողջունէ այս ուշացած, բայց կարեւո՛ր որոշումը` շեշտելով, որ ասիկա միայն առաջին քայլն է հայութեան նկատմամբ «Ամերիքանա»-ին եւ «Քարուսօ ըֆի-լիէյթըտ»-ին ցուցաբերած ոչ-զգայուն մօտեցումը սրբագրելու ջանքերուն:

Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբը նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ հայ համայնքին, որ իր բողոքի ձայնը լսելի դարձուց` ապահովելով «Ամերիքանա»-ի անարգական որոշումին սրբագրումը:

Հայ դատը նաեւ երախտագիտութիւն կը յայտնէ ընտրեալ պաշտօնատարներուն, յատկապէս` Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյին, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆին, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քեթրին Պարկըրին եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեանին, որոնք նեցուկ կանգնեցան այս արշաւին:

 

Ազրպէյճանի Հասարակութիւնը Պահանջում Է Ալիեւից` Ընդունել Պարտութիւնը (Փաստաթուղթ)

$
0
0

ՀՐԱՆԴ ՄԵԼԻՔ-ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ

Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցի հետ կապուած Ազրպէյճանի քաղաքական մտքում, ինչպէս նաեւ հասարակական տրամադրութիւններում հետաքրքիր շեշտադրումներ են ի յայտ եկել վերջին շրջանում: Շարունակելով մնալ յարձակողապաշտ հռետորաբանութեան եւ քաղաքականութեան շրջանակներում` Ազրպէյճանի իշխանութիւններն, այնուամենայնիւ, այլեւս չեն կարող չբախուել ժողովրդի կողմից անհասկացուած լինելու պատին, ինչը լրացուցիչ դժուարութիւններ եւ ռիսքեր է առաջացնում Ալիեւի վարչակազմի համար: Ճիշդ է, նրանք շարունակում են պատմել հասարակութեանը իրենց երկրի ձեռքբերումների, բանակի ուժեղացման, հայերի հանդէպ մօտալուտ յաղթանակի եւ այլնի մասին: Բայց ո՞ւմ են պատմում: Մի ժողովրդի, որը ընկերային ծանր վիճակում է գտնւում, ամէն օր պայքարում է տնտեսական, ֆինանսական, անգամ պարէնային ճգնաժամի գրեթէ անյաղթահարելի հետեւանքների դէմ, եւ որը ընդամէնը մէկ տարի առաջ իր համար անհասկանալի սկիզբ առած պատերազմում հարիւրաւոր զոհեր ու հազարաւոր վիրաւորներ է ունեցել, բայց որեւէ յաջողութիւն չի տեսել: Ժողովրդական իմաստնութիւնն ասում է, որ կախուած մարդու տանը պարանից չեն խօսում: Դարերից եկած այս ճշմարտութիւնն ամբողջութեամբ արհամարհւում է այսօր Ազրպէյճանի իշխանութիւնների կողմից, ինչը օր օրի աւելի է խորացնում հասարակութեան եւ իշխանութեան յարաբերութիւններում առաջացած անվստահութիւնը:

Միւս կողմից էլ խնդիրներ են առաջացել հէնց իշխանութեան ներսում, որի արմատները հասել են անգամ Ազրպէյճանի զինուած ուժերի եւ յատուկ ծառայութիւնների հիմքերին: Վերջին ամիսներին ազրպէյճանական մամուլը պարզապէս հեղեղուած է բանակի ներքին տարաձայնութիւնները բացայայտող լուրերով, պաշտպանութեան նախարարի եւ գլխաւոր սպայակոյտի պետի միջեւ ընթացող հակամարտութեան մասին հրապարակումներով, յատուկ ծառայութիւնների ներսում ընթացող խմորումների մասին տեղեկութիւններով եւ այլն: Այս ամէնին գումարւում են նաեւ Ազրպէյճանի քաղաքական վերնախաւի երկու ամենաազդեցիկ կեդրոնների` Փաշայեւների քլանի եւ նախիջեւանեան թեւի, միջեւ սկիզբ առած մրցակցութիւնը, որի պատճառով Իլհամ Ալիեւը ստիպուած եղաւ գնալ քաղաքական վերադասաւորումների եւ ազդեցութեան գօտիները վերաբաշխելու անհեռանկար եւ ընդամէնը այսօրէական խնդիրները լուծելու ճանապարհով:

Ինչեւէ, այս ամէնը Ազրպէյճանի այսօրուայ իրականութիւնն է, որը, ի հակառակ Ալիեւի հռետորաբանութեան, միանգամայն այլ լուծումներ է պահանջում այդ պետութեան ղեկավարութիւնից: Ընդ որում, խօսքը վերաբերւում է ոչ միայն ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծմանը, այլեւ` Ազրպէյճանի առջեւ ծառացած մնացած բոլոր խնդիրներին: Բայց, առաջին հերթին` ղարաբաղեան հարցին: Եւ հէնց այստեղ է, որ Ազրպէյճանի հասարակական ընկալումներում շեշտակի փոփոխութիւններ են նկատւում: Եթէ ուշադիր հետեւենք ներազրպէյճանական բանավէճին, ապա կարելի կը լինի նկատել, որ դրա հիմքում սեփական ձախողումները ճանաչելու եւ պարտութիւնն ընդունելու լաւ քօղարկուած պահանջ կայ: Ազրպէյճանցիներն այլեւս չեն ուզում լսել Ալիեւի եւ նրա խմբակիցների խրոխտ ճառերը: Գոնէ այն պահերին, երբ հողին են յանձնւում իրենց տասնեակ զինուորների աճիւններ: Եւ դա լաւ երեւում է թէ՛ ընկերային ցանցերի ազրպէյճանցի օգտատէրերի գրառումներից, թէ՛ մամուլի անկումային տրամադրութիւններից եւ թէ՛ այն մարդկանց խօսքերից, ովքեր ապրում են Ազրպէյճանից դուրս եւ որեւէ կերպ սահմանափակուած չեն իրենց խօսքում:

Այդպիսի մի գործիչ էլ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի նախկին տեղակալ, գնդապետ Իսայ Սատիկովն է: Վերջին շրջանում նա բաւական հետաքրքիր վիտէօպլոկ է վարում, որը շատ ժողովրդականութիւն ունի ազրպէյճանցիների շրջանում: Երկու օր առաջ այդ պլոքի շրջանակներում Սատիկովը նորից է անդրադարձել ապրիլեան պատերազմի հետեւանքներին եւ` այն ստերին, որոնք տարածւում են Ազրպէյճանի նախագահի եւ պաշտպանութեան նախարարի շուրթերից: Բաւական հետաքրքիր վերլուծութիւն է, որի մի հատուածը կը ցանկանայի ներկայացնել մեր ընթերցողին:

Ահա ներկայացուած հատուածի համառօտ թարգմանութիւնը.

«Բազմաթիւ անգամ Թուրան TV-ում մենք քննարկել ենք ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի վերաբերեալ Ազրպէյճանի զինուած ուժերի գործողութիւնները: Պաշտպանութեան նախարարը վերջերս հարցազրոյց տալով` յայտարարել է, որ Ռուսաստանի խնդրանքով ենք մենք դադարեցրել ռազմական գործողութիւնները (ի նկատի ունի ապրիլեան պատերազմը – խմբ.): Իլհամ Ալիեւը նոյնպէս այս բառերն է օգտագործում, որ Ռուսաստանի խնդրանքով ենք կանգնեցրել մարտական գործողութիւնները: Ես բազմաթիւ անգամ իմ ելոյթներում կարծիքս եմ արտայայտել դրանց վերաբերեալ: Ամենայն պատասխանատուութեամբ յայտարարում եմ, որ եւ՛ Ալիեւը, եւ՛ պաշտպանութեան նախարարը սուտ են խօսում: Ի սկզբանէ այդ գործողութիւնները համաձայնեցուած են եղել Ռուսաստանի հետ: Ռուսներն ասել են յարձակուէք, հայերին էլ ասել են` պատրաստ եղէք: Երեւում է` Ռուսաստանը ցանկացել է պատժել ե՛ւ Հայաստանին, ե՛ւ Ազրպէյճանին: Մէկին ասել է` յարձակուէք, միւսին` զգուշացրել: Ռուսաստանի հետ դա համաձայնեցուած էր, քանի որ Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանը առանց դրա չէր կարող ծանր զինատեսակներ օգտագործել: Այս վարչակարգը, Ալիեւի ղեկավարութեամբ, նման պատասխանատուութիւն չէր կարող իր վրայ վերցնել:

2 օր անց` գլխաւոր սպայակոյտի պետը Ռուսաստանում (ապրիլի) 4-ին 5-ին համաձայնագիր է կնքում Հայաստանի գլխաւոր սպայակոյտի պետի հետ, որ դադարեցնեն գործողութիւնները: 2 օր անց: Միգուցէ պաշտպանութեան նախարարն ու Ալիեւը յիշողութեան հետ խնդիրներ ունեն, բայց ես հեռուից ուշադիր հետեւում էի այդ գործողութիւններին: 2 օր անց պայմանագիր են կնքել զինադադարի վերաբերեալ, սակայն կրակոցները մէկ ամիս շարունակուել են: Որը աւարտուել է մայիսի սկզբներին: Տեղի էին ունենում դիրքային մարտեր: Սակայն հայերը բոլոր մեր դիրքերը, քաղաքացիական բնակչութեանը, առաջնագծում տեղակայուած գիւղերն ամբողջովին աւերակի էին վերածել: Ինչպէս յիշում էք, հարիւրաւոր տներ են քանդուել: Տասնեակ քաղաքացիական զոհեր ենք ունեցել: Պայմանագրի կնքումից յետոյ տասնեակներով զոհեր ենք ունեցել, դրա համար զոհուած զինուորների քանակը գաղտնի է պահւում: Այդ ժամանակ հարց է առաջանում` ի՞նչ պայմանաւորուածութեան էք դուք եկել: Ե՞րբ հրադադարը տեղի պիտի ունենար 2 օր ա՞նց, թէ՞ մէկ ամիս: Եթէ դուք համաձայնութեան էք գալիս ապրիլին, ինչո՞ւ են կրակոցները շարունակւում մինչ մայիսի 7: Թէ՞ դուք կարծում էք` բոլորը ձեզ պէս յիմար են եւ ուղեղի հետ խնդիրներ ունեն: Նորից եմ ասում` այդպիսի կորուստներից յետոյ, առանց ամաչելու դուրս էք գալիս եւ ազգին այդ էք յայտարարում: Ուրեմն մինչեւ վերջ բացատրութիւն տուէք: Ինչո՞ւ է մէկ ամիս շարունակուել: Այդ ընթացքում են այդքան զոհեր եւ աւերածութիւններ եղել: Բացատրելո՞ւ էք, թէ՞ ոչ: Շատ հայասըզ մարդիկ էք: Եթէ դուք գիտէիք, որ 2 օրից պիտի դադարեցուէր, հետ էիք քաշուելու, ինչո՞ւ էիք յարձակման հրաման տալիս: Ինչո՞ւ էիք այդքան զինուոր կոտորել տուել: Իմաստը ո՞րն էր: Լա՛ւ, այդքան սպայ ու զինուոր էք զոհաբերել, հիմա ո՞նց էք կարմիր֊կարմիր դուրս գալիս, ձեզ ցոյց տալիս: Իրաւո՞ւնք էք ուզում ձեզ համար ձեռք բերել: Ձեր մակարդակն այնքան ցածր է, որ անգամ դուրս էք գալիս խօսում, բայց չգիտէք` ի՛նչ էք ասում: Խօսելուց էլ իմաստ պիտի լինի»: 

Նման մեկնաբանութիւններ եւ հարցադրումներ Ազրպէյճանում շատ կան: Իսկ ապրիլեան ձախողուած պատերազմից յետոյ Ալիեւին եւ իր վարչակազմին չհաւատացող մարդկանց թիւը սնկի պէս է սկսել աճել: Չնայած այս ամէնին, սակայն, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները յամառօրէն պնդում են հասարակութեան համար յօրինուած այն սուտը, որին, ըստ ամենայնի, իրենք էլ են սկսել հաւատալ: Հակառակ դէպքում` հնարաւոր չէ գտնել տրամաբանական որեւէ բացատրութիւն այն քաղաքականութեանը, որով առաջնորդւում է Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական իշխանութիւնը: Զ. Հասանովի, Ն. Սատիկովի, Ի. Ալիեւի յիշողութիւնները թարմացնելու, նրանց իրականութիւն վերադարձնելու նոր անհրաժեշտութիւն է թերեւս առաջացել: Ընդսմին վերոնշեալ պարոնների, ինչո՞ւ չէ, նաեւ մեր հետաքրքրասէր ընթերցողների ուշադրութեանն եմ ներկայացնում շատ հետաքրքիր մի փաստաթուղթ, որը Ազրպէյճանի Զինուած ուժերի գլխաւոր սպայակոյտի պետ Նաճմէտտին Սատիկովը հասցէագրել էր իրենց պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովին` դեռեւս անցեալ տարուայ ապրիլի 28-ին:

Ահա այն.

Ազրպէյճանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար,
Զօրավար-գնդապետ Զ. Հասանովին

Յարգելի՛ պարոն նախարար.

Զեկուցում եմ Ձեզ, որ 2016թ.-ի ապրիլի 2-ից 6-ն ընկած ժամանակահատուածում Ազրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերի անձնակազմի ընդհանուր կորուստները կազմել է 558 զոհուած եւ 1293 վիրաւոր զինծառայող: Վիրաւոր զինծառայողներից 58-ը գտնւում են ծայրայեղ ծանր վիճակում: Զոհուած 558 զինծառայողներից 52-ի անձը հնարաւոր չէ նոյնականացնել: 

Զոհուած զինծառայողներից 205-ը հանդիսանում են պաշտպանութեան նախարարութեան յատուկ նշանակութեան ուժերի զինծառայողներ: Նրանցից 98-ը զոհուել են Թալիշ-Աղտարա (Մարտակերտ), 32-ը` Ֆիզուլի-Ճեպրայիլ, իսկ 75-ը` կենտրոնական ուղղութիւններով իրականացուած յարձակողական մարտական գործողութիւնների ժամանակ:

Ազրպէյճանի Հանրապետութեան բնակչութեան շրջանում զինուած ուժերի հանդէպ բացասական քննադատութիւնները, բանակի անձնակազմի բարոյահոգեբանական ոգու հետագայ անկումը եւ անձնակազմի խուճապային տրամադրութիւնները վերացնելու նպատակով առաջարկում եմ.

1.- Ազրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերի զոհուած զինծառայողների դիերի փոխանցումը չիրականացնել միաժամանակ (շաբաթական` մօտ 60):

2.- Զոհուած զինծառայողների մի մասի յուղարկաւորութեան արարողութիւնները ծնողների հետ համաձայնեցնելով` իրականացնել գիշերային ժամերին, վերահսկողութեան ներքոյ:

3.- Զոհուածների ընտանիքներին պաշտպանութեան նախարարութեան հիմնադրամից յատկացնել 5000 մանաթ:

Ազրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերի գլխաւոր սպայակոյտի պետ, պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ 

զօրավար-գնդապետ Ն. Սատիկով

Ազրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերի գլխաւոր սպայակոյտի պետ Նաճմէտտիին Սատիկովի այս զեկուցագիրը, պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Իսա Սատիկովի վիտէօպլոկից մէջբերուած վերոնշեալ հատուածը, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանական մամուլում եւ յատկապէս ընկերային ցանցերում մշտապէս հանդիպող բազում գնահատականները խօսում են այն մասին, որ Ազրպէյճանում իրենց քաղաքականութեան արդիւնաւէտութիւնը ռէալ գնահատելու լուրջ խնդիր կայ: Միմեանց չխաբելու, յարգելու, սուտը պետական քաղաքականութեան մակարդակ չհասցնելու, փաստերին իրատեսական գնահատական տալու խնդիր կայ: Մի բան, որից այդքան հետեւողականօրէն խուսափել է Ալիեւի վարչակազմը եւ որպէս արդիւնք` ստացել պարտուողական տրամադրութիւններով հասարակութիւն: Ժողովուրդ, որն արդէն պահանջում է իրենից ընդունել պարտութիւնը: Եւ այդ պահանջն օր-օրի աւելի լսելի է դառնում:

Աղբիւր` VoskanapatInfo

 

 

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. «Քրտական Սփիւռք»-ը Քրտական Ազգայնապաշտութեան Կեդրոնն Է

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Սփիւռքներուն հասարակաց հոգեվիճակը կը կեդրոնանայ լքուած հայրենիքը առասպելական գեղեցկութեան մը վերածելու գործողութեան վրայ: Քանի սերունդներ իրարու յաջորդեն, այս առասպելը աւելի կը զօրանայ: Այս պատճառով ալ սփիւռքի համայնքները շատ աւելի մոլեռանդ կը դառնան, քան թէ` իրենց հայրենիքին մէջ մնացած միւս ցեղակիցները եւ կրօնակիցները:

Այստեղ կը կեդրոնանաք այսօրուան Թուրքիոյ  տարածքէն, քրտաբնակ հողերէն հեռացած քիւրտերուն:

Արդարեւ, քրտական ազգայնապաշտութիւնը Պոթանի լեռներուն կամ Տիարպաքըրի արուարձաններուն մէջ չի ստեղծուիր: Նոյնիսկ անոնք արեւմտեան Թուրքիոյ քաղաքներու գիշերալոյսերուն մէջ չեն ստեղծուիր. քրտական ազգայնապաշտութեան գաղափարական եւ քաղաքական հիմքը կը կենսաւորուի Քէօլնէն մինչեւ Սիտնի, Պեքաայի հովիտէն մինչեւ Փարիզ երկարող «սփիւռք»-եան դաշտին վրայ:

1960-ական թուականներուն Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած քաղաքական վերիվայրումներու պատճառով յառաջացած խլրտումները, միւս կողմէ` յատկապէս քրտաբնակ շրջաններու մէջ տեղի ունեցած հետապնդումներու եւ ազգային ճնշումի ուժեղացումը պատճառ պիտի դառնար, որ ընթացք առնէր քիւրտերու արտագաղթը դէպի արեւմտեան երկիրներ, հիմնականին մէջ` Գերմանիա, Ֆրանսա, Դանիա, Շուէտ եւ Նորվեկիա: Այժմ Արեւմուտքի մէջ գոյութիւն ունին իրենց ուրոյն ազգային կեանքով քրտական հոծ համայնքներ: Հոն կը գործեն քանի մը տասնեակ քաղաքական կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ, միութիւններ, յաճախ` իրարու տրամագծօրէն հակադիր աշխարհայեացքով ու գործելակերպով: Անոնցմէ ոմանք քիւրտ ժողովուրդի ազատագրութեան գաղափարը կը կապեն միայն զինուած պայքարի հետ, սակայն քիչ չեն նաեւ այն խմբակցութիւններն ու գործիչները, որոնք կողմնակից են պայքարի խաղաղ եղանակներուն, մասնաւորապէս` քրտական շրջաններուն մէջ ինքնավար կազմաւորումներ ստեղծելուն: Զգալի տոկոս կը կազմեն յատկապէս ծայրայեղ ազգայնական կազմակերպութիւնները, որոնք ապագայ Քիւրտիստանի սահմանները արեւելքէն կը հասցնեն մինչեւ Երեւան, իսկ հարաւէն` Ծոց:

Միւս կողմէ` ընդհանուր առմամբ արեւմտեան երկրներուն մէջ լոյս կը տեսնեն աւելի քան 80 քրտական պարբերականներ: Ի միջի այլոց հարկ է նշել, որ, ցաւօք, քրտական հասարակական-քաղաքական մտքի, ազգային նկրտումներու եւ ծրագիրներու առարկայական հայելին հանդիսացող գրաւոր փաստաթուղթերու այս հսկայածաւալ նիւթը յաւուր պատշաճի նոյնիսկ չէ դասակարգուած:

Քրտական սփիւռքը բաւական լուրջ գործունէութիւն կը ծաւալէ յատկապէս Եւրոպայի տարածքին: Քրտական շարժումի ուժեղ կողմերէն է, արեւմտեան Եւրոպայի մէջ, ռուսական (Ժիրինովսկիի Ռամկավար-ազատական կուսակցութիւն, Պետական Տումայի աշխարհաքաղաքականութեան յանձնաժողով) եւ ֆրանսական որոշակի քաղաքական շրջանակներու (Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութիւն, հանգուցեալ նախկին նախագահ Ֆրանսուա Միթերանի շրջանակ) եւ հակաթուրք տրամադրութիւններ ունեցող արաբական որոշ քաղաքական վարչակարգերու թեւարկութիւնը:

Քրտական զանազան կուսակցութիւններ, յատկապէս` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ), Եւրոպայի մէջ կը հաւաքէ այնքան շատ բազմութիւն, որքան պիտի չկարենար զօրակոչի ենթարկել հարաւարեւելեան Պատմական Հայաստանի (Անատոլու) կամ Մարմարայի քաղաքներուն մէջ: Այս սփիւռքէն կ՛երթայ լեռներու ո՛չ միայն զէնքն ու դրամը, այլ նաեւ` մարդուժը:

Քրտական բարբառները իրարու միացնող լեզուագիտական սեմինարներ, խորհրդաժողովներ, դասախօսութիւններ յաճախ կազմակերպուած են Սթոքհոլմի մէջ:

Վերոնշեալ տուեալները Թուրքիոյ պետութեան, իշխանութեան եւ թուրքիզմի գաղափարախօսներուն մօտ ձեւաւորուած են, իբրեւ ահաբեկիչներ, ահաբեկչական խմբաւորումներ, որոնք կ՛ուզեն երկիրը մասնատել: Առ այդ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը փոխեց իր ընթացքը երկրի ամենակարեւոր, ամենատագնապալի եւ առաջնահերթութիւն ունեցող հարցի, այսինքն` քրտական հարցին նկատմամբ: Անոնք կը պնդեն, որ հանգուցալուծումը երկրին մէջ միայն տեղի կ՛ունենայ: Այս գաղափարն ալ վերջին տարիներուն գոյացաւ, զարգացաւ եւ ընդհանրացաւ:

Թրքական աղուէսաճարպիկութիւնը հոս եւս կը յայտնուի երբ «Հիւրրիէթ»-ի գրող Հատի Ուլուէնկինի «Քրտական սփիւռք» յօդուածին մէջ կը գրէր հետեւեալը. «Այնքան ատեն որ քրտական հարցը չի լուծուիր թրքական հողին վրայ եւ ժողովրդավարութեան լոյսին տակ, սփիւռքի երազած քրտական առասպելն ալ չի կրնար վերադառնալ իր տրամաբանական եւ ոչ չափազանցեալ համեմատութիւններուն»:

Ահաւասիկ թրքական վճիռը, որ կը խտանայ Ուլուէնկինի վերոնշեալ պարբերութեան մէջ:

Վերջապէս, անգամ մը եւս կը հաստատուի եւ կը շեշտադրուի, որ այսօր եւս քրտական ազգայնապաշտութեան կեդրոնը կը գտնուի «քրտական սփիւռք»-ի մէջ:

 

 

Ազրպէյճանի «Սեւ Ցուցակը» Իրականում Խթանում Է Այցելուների Հոսքն Արցախ

$
0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ
Քաղաքական վերլուծաբան

Իրօք, բանը հէնց այդպէս է: Պաքւում ինչքան էլ փորձում են տարաբնոյթ միջոցներով արգելափակել մարդկանց երթն Արցախ, նոյնքան, դեռ շատ ու շատ աւելի, ահագնանում է արտերկրից զբօսաշրջիկների, քաղաքական գործիչների, մշակոյթի եւ այլ ոլորտների յայտնի դէմքերի հոսքը մեր հանրապետութիւն: Համաձայն պաշտօնական տուեալների, միայն այս տարուայ առաջին կիսամեակում Արցախ է այցելել շուրջ 6 հազար զբօսաշրջիկ, նախորդ տարուայ համեմատ կրկնակի անգամ, իսկ 2015-ի համեմատ` մէկ երրորդով աւելի: Այո՛, 2016-ը այցելութիւնների առումով համեմատաբար սակաւամարդ էր, ինչը հիմնականում պայմանաւորուած էր ապրիլեան կարճատեւ պատերազմի հնարաւոր հետեւանքներով: Թէկուզ Պաքուի սանձազերծած լայնածաւալ պատերազմն անգամ ի զօրու չեղաւ զսպելու մարդկանց մղումը` մօտիկից տեսնելու ու ճանաչելու Արցախը եւ նրա ժողովրդի ստեղծարար առօրեան, վայելելու երկրի չքնաղ բնութեան անձեռակերտ հրաշալիքներն ու պատմամշակութային հինաւուրց յուշարձանների անկրկնելի գեղեցկութիւնը:

Անգամ արգելակ չհանդիսացաւ ռուսաստանցի պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի նկատմամբ վերջերս Պաքւում իրականացուած դատաստանը: Յիշեցման կարգով նորից նշեմ, որ  քառասնամեայ հրեայ պլոկըրը, որը եռաքաղաքացի է` Ռուսաստանի, Ուքրանիայի եւ Իսրայէլի, իր իսկ հաւաստմամբ, եղել է աշխարհի 122 երկրում եւ իր ճամբորդութիւնները նկարագրել «Jivoy joornal», թարգմանաբար` «Կենդանի հանդէս» ռուսական համացանցային կայքում: Երկու անգամ այցելել է Արցախ, որից յետոյ դարձեալ երկու անգամ ժամանել է Պաքու` օգտագործելով Ուքրանիայի քաղաքացու իր անձնագիրը: Չնայած Մինսքից Պաքու նրա խայտառակ ձերբակալութեանը եւ արտայանձնմանը, որ պիելառուսական իշխանութիւններն իրականացրին, համապատասխանաբար, անցեալ տարուայ դեկտեմբերի 15-ին եւ  այս տարուայ փետրուարի 7-ին, Լափշինի անունն Ազրպէյճանի արտաքին գործերի նախարարութեան կազմած «սեւ ցուցակում» դեռեւս 21-րդ հորիզոնականն է զբաղեցնում: Եւ ահա բոլորովին վերջերս, որոշակիօրէն` յուլիսի 20-ին, Պաքուի ծանր յանցագործութիւնների դատարանը, այսպէս ասած,  «կրկնահանցագործ սահմանախախտին»`  Ալեքսանտր Լափշինին, դատապարտել է 3 տարուայ ազատազրկման: Ներկայումս բանակցային քննարկման փուլում է գտնւում նրան իր իսկ դիմումի համաձայն Իսրայէլին արտայանձելու հարցը: Չնայած` նա դատական նիստում հրաժարուել էր ճանաչել իր դէմ յարուցուած մեղադրանքները, այնուամենայնիւ,  Լափշինի խնդրում Պաքուի «օգուտը» պլոկըրին պարտադրուած  զուտ ձեւական բնոյթ կրող նրա յայտարարութիւնն էր առ այն, թէ իբր ինքն Արցախը տեսնում է Ազրպէյճանի կազմում: Ահա այն միակ, այսպէս կոչուած, «քարոզչական շահաթուղթը», որ Պաքուն ստացել է` ճաղերի ետեւ նետելով Ալեքսանտր Լափշինին: Ոչ աւելին: Առաւել եւս, որ քարոզչական ուղղուածութեան այդ դատական ֆարսը բացարձակապէս ոչ մի ներգործութիւն չի ունեցել օտարերկրացիների արցախեան ուղեւորութիւնների վրայ, եթէ չասենք` է՛լ աւելի է նպաստել դրանց քանակական աճին: Ընդ որում` նպաստել է ոչ միայն զուտ զբօսաշրջային հետաքրքրութեան առումով, այլեւ` Ազրպէյճանի կողմից մարդու ազատ երթեւեկութեան համընդունելի կանոնների կոպիտ խախտումների դէմ բողոքի հետզհետէ աւելի ու աւելի ալիքուող  արարքի տեսքով:

Արդեօք Պաքւում տեսնում, հասկանու՞մ են այդ ամէնը: Երեւի թէ` ոչ: Աւելի ճիշդ` տեսնելը  տեսնում են, բայց ահա հասկանալը` ոչ: Այլապէս այնտեղ չեն շարունակի  հարազատ մնալ այդ հիւանդագին, Արցախի բարբառով ասած` համը հանած քաղաքականութեանը: Եւ ինչքան էլ միջազգային հանրութիւնը փորձում է բացատրել Իլհամ Ալիեւին` պարզաբանելով, թէ այդ տխրահռչակ ցուցակով նա խայտառակում է ինքն իրեն, այն աւելի շատ վնասում, քան օգուտ է տալիս Ազրպէյճանի ունեցած-չունեցած միջազգային վարկանիշին, սակայն` ապարդիւն: Նա դարձեալ, իր խաշնարած նախնիներից ժառանգած սովորութեամբ, իր էշն է քշում` ամենեւին չմտածելով, որ ցուցակում ընդգրկուած յայտնի մտաւորականները, մշակութային գործիչները, ճանապարհորդները, արուեստագէտները շատ յաճախ որեւէ կապ չունեն քաղաքականութեան ու քաղաքական անցուդարձի հետ: Հասկացնում են անգամ, որ այդ ցուցակն ակամայ նպաստում է Արցախ-Ղարաբաղ անուան տարածմանը միջազգային հարթակում` սկսած ընկերային ցանցերից աւարտած` լրատուական կայքերով: Իսկ Արցախի մասին լուրերի տարածումը, յատկապէս այն պարունակում, որ այստեղ են ժամանել համաշխարհային ճանաչում ունեցող անձինք, այս կամ այն չափով կը նպաստի Արցախի մասին հետաքրքրութեան, ըստ այդմ էլ` զբօսաշրջութեան զարգացմանը: Եւ վերջապէս, դժուար թէ ցուցակում տեղ զբաղեցրած ճանաչուած մարդիկ այսքանից յետոյ լաւ տեսակէտ ունենան Ազրպէյճանի մասին: բայց ո՞ւմ ի՛նչ ասես: Ասողին լսող էլ է պէտք: Այո՛, միանգամայն իրաւացի է ժողովրդական իմաստութիւնը` խելօքին մէկ, յիմարին հազար ու մէկ ասա:

Եւ ահա նոյն այդ ախտաբարոյ տրամաբանութեամբ Պաքուն օրէցօր, ամսէամիս համալրում է իր «սեւ ցուցակը»: Զուտ տեղեկանքի համար նշեմ, որ միայն վերջին ամիսներին այն լրացուել է եւս 110 անունով, ովքեր Արցախում տեղի ունեցած սահմանադրական բարեփոխումների հանրաքուէի դիտորդներն ու պլոկըրների խորհրդաժողովի մասնակիցներն են եւ Ստեփանակերտ են ժամանել աշխարհի շուրջ 30 երկրից: Ընդհանուր առմամբ, անցանկալի անձանց` 50 էջանոց այդ «փաստաթուղթը», որ թարմացուել է  այս տարուայ մայիսին, ներկայումս ներառում է Արցախ այցելած շուրջ 700 մարդու, այդ թւում` 180 լրագրողի անուն: Ըստ պետութիւնների բաշխուածութեան, Ազրպէյճանում անի «սեւ ցուցակում» ամենաշատը ներառուած են Ռուսաստանի Դաշնութեան քաղաքացիներ` 162 անձ, այնուհետեւ Գերմանիայի` 61, Իտալիայի` 47, Միացեալ Նահանգների` 44, Ֆրանսայի` 40 քաղաքացիներ եւ այլն, եւ այլն:

Ազրպէյճանի «սեւ ցուցակն» աւելի շատ սկսում է ֆարս յիշեցնել: Այդպէս  բնորոշել է  հրապարակախօս, Ռուսաստանի Միջազգային իրաւունքի միութեան անդամ Տենիս Տվոռնիքովը  «Նովոսթի-Արմենիա» գործակալութեանը տուած հարցազրոյցում: Նրա խօսքով. «Սեւ ցուցակ» կազմելիս երկակի չափանիշները եւ ընտրողականութիւնը հաստատում են այդ նախաձեռնութեան ոչ յաջողակ լինելը: Ազրպէյճանցի դիւանագէտները սկսել են հասկանալ, որ այն չի աշխատում: Իսկ Ինթերփոլով Արցախի եւրոպացի հիւրերին պատասխանատուութեան ենթարկելու անյաջող փորձերից յետոյ դրա գոյութիւնը ֆարս է յիշեցնում»:

Այնուամենայնիւ, ուշագրաւ է անցած տարիներին Արցախ այցելած որոշ մարդկանց բացակայութիւնը ցուցակում: Մասնաւորապէս` ցուցակի մէջ չի ներառուել Ռուսաստանի փոխվարչապետ, այդ տէրութեան կառավարութիւնում ռազմաարդիւնաբերական համալիրին առնչուող հարցերում պատասխանատու Տմիթրի Ռոկոզինի անունը, ում համար, կարելի է ասել, ջրի ճամբայ է դարձած Մոսկուա-Պաքու օդային ուղին: Ձեռնտու չէ երեւի նրան` Ռուսաստանից Ազրպէյճան սպառազինութիւնների մատակարարման գործընթացում յոյժ կարեւոր դերակատարին,  յիշեցնել, որ 1997-ի սեպտեմբերին,  որպէս ռուսաստանեան միջազգային դիտորդ, ներկայ էր Արցախի արտահերթ նախագահական ընտրութիւններին: Նոյնը կարելի է ասել յայտնի լրագրող եւ հրապարակախօս Վլատիմիր Սոլովեովի մասին, ում վերջերս Պաքւում պատուով ընդունեց նախագահ Ալիեւը` մի բերան անգամ չյիշեցնելով նրա Արցախ կատարած, այսպէս ասած, «ապօրինի» այցի մասին: Ինչպէ՞ս կարելի է, իսկ եթէ յետոյ իր իսկ` Իլհամ Ալիեւի, բմբուլները քամու՞ն տայ եթերում:

Տենիս Տվոռնիքովը տարակուսանքով է նշում, որ  ցուցակում նշում չկայ ռուսական «Այսօր գիշեր» համոյթի երաժիշտների մասին, ովքեր 2016 թուականի օգոստոսին արցախցի երիտասարդութեան համար անվճար համերգ են տուել: «Ազրպէյճանական կողմը, անշուշտ, շատ լաւ տեղեակ էր համերգի մասին, քանի որ յայտնի ռուսական խմբի ժամանման մասին լուրը հրապարակուել էր նաեւ ազրպէյճանական  զանգուածային լրատուամիջոցներում: Ըստ երեւոյթին, Պաքւում պատկերացնում էին, որ յայտնի ռուսական խմբի` Արցախ այցելելու արգելքը պումերանկի պէս կը հարուածի Ազրպէյճանին: Ուստի եւ ձեւացնում են, թէ չեն նկատել ե՛ւ համերգը, ե՛ւ այն երաժիշտներին, ովքեր հաճոյքով լուսանկարւում ու արցախեան բնապատկերներով լուսանկարներ էին հրապարակում ընկերային ցանցերում», եզրակացնում է ռուս քաղաքագէտը:

Եւ յետոյ, Ազրպէյճանի «սեւ ցուցակում» բացակայում են 2012-ի յունիսին Արցախ այցելած 44 հրեայ կանանց անունները: Ինչպէս յայտնի է, այդ հրէուհիները, ժամանելով Երեւան` այցելել են Ծիծեռնակաբերդ, յարգանքի տուրք մատուցել Հայոց ցեղասպանութեան նահատակների յիշատակին եւ ապա` ճանաչողական այց կատարել Արցախ: Չնայած` այդ վերջին հանգամանքը բուռն քննարկման թեմա էր դարձել ազրպէյճանական մամուլում, բայց դժուար չէ կռահել, որ Պաքուին ձեռնտու չէր խնդիրներ ստեղծել Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններում, եւ հարցը փակուեց ինքնին:  Ցուցակում չկան նաեւ աւստրալիայի Մելպուռն քաղաքի բնակիչ այն 4 ճանապարհորդները, որոնք Արցախ էին եկել 2013-ի յունուարին: Հաւանաբար` այն պատճառով, որ Արցախի մասին նրանց գրած հակահայկական երանգաւորման որոշ մտքեր կիրառուել էին ազրպէյճանական քարոզչամեքենայի կողմից:

Կարելի է, ի հարկէ,  թուարկումները շարունակել: Բայց բաւարարուենք այսքանով: Պարզապէս ստացւում է այնպէս, որ, արցախցի քաղաքագէտ Դաւիթ Բաբայեանի արտայայտութեամբ ասած,  Ազրպէյճանի «սեւ  ցուցակը» դարձել է պատուոյ ցուցակ եւ այն անձինք, ովքեր ընդգրկուած են այդ ցուցակում, բարձր մարդկային որակներ ունեն` լինելով մարդու իրաւունքների ջատագովներ:

Միթէ՞ մարդկային այդ բարձր որակի եւս մէկ հերթական արտայայտութիւն չէ, որ հէնց վերջերս Ազրպէյճանի այդ «պատուոյ ցուցակի» մշտական բնակիչների կարգավիճակ են ստացել  Եւրոխորհրդարանում Լիւքսեմպուրկը ներկայացնող պատգամաւոր Ֆրանք Էնկելը, ով ղեկավարում է «Եւրոխորհրդարան-Արցախ» բարեկամական խումբը, եւ նոյն խմբի անդամ չեխ լրագրող, պատգամաւոր Եարոմիր Շթեթինայը, ով զգալի աւանդ է ներդրել Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործում եւ նոյնպէս յայտնի է  ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան արդարացի կարգաւորման խնդրում իր որդեգրած անաչառ  սկզբունքային դիրքորոշմամբ:  Ինչպէս յայտնի է, Ֆրանք Էնկելն Արցախ էր ժամանել Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր իր երեք գործընկերների, այդ թւում` Եարոմիր Շթեթինայի  հետ միասին` որպէս դիտորդներ հետեւելու փետրուարի 20-ի սահմանադրական հանրաքուէի ընթացքին: Ֆրանք Էնկելն ու Եարոմիր Շթեթինայն Արցախ են ժամանել նաեւ ապրիլին` հանդիպումներ ու զրոյցներ  ունենալով Արցախի նախագահի, խորհրդարանի նախագահի եւ այլ պաշտօնատար անձանց հետ: Առհասարակ, Եւրոխորհրդարանի երկու պատգամաւորներն էլ, ովքեր հայ ժողովրդի անկեղծ բարեկամներն են, առաջին անգամը չէ, որ հիւրընկալւում են Արցախում եւ իւրաքանչիւր այցից յետոյ եւրոպական միջազգային կառոյցներում պատշաճ ներկայացնում են  մեր ժողովրդին յուզող խնդիրներն ու հոգսերը, ջանքեր գործադրում` ուղղուած Եւրոպական խորհրդարանի հետ Արցախի փոխյարաբերութիւնների կայացմանը, խորհրդարանական դիւանագիտութեան զարգացմանը,  երկկողմ կապերի հետագայ ամրապնդմանն ու խորացմանը:

Ի հաստատումն ասուածի, ահաւասիկ, մի քանի քաղուածքներ` Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր մեր բարեկամների մտքերից, որ նրանք արտայայտել են Եւրոպայում, թէ այստեղ` Արցախում:  «Չաջակցել Հայաստանին եւ Ղարաբաղին իրենց պայքարում` կը նշանակէր պաշտպանել դաժան խորհրդային ազգային քաղաքականութիւնը: Պոլշեւիկեան Խորհրդային  Միութիւնն էր, որ արհեստականօրէն 1920թ. Լեռնային Ղարաբաղը փոխանցեց Ազրպէյճանին` հետեւելով «Բաժանի՛ր, որ տիրես» սկզբունքին,  Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Եւրոպական խորհրդարանում յատուկ քննարկման ժամանակ ասել է չեխ պատգամաւորը` պարզաբանելով Հայաստանին եւ Արցախին  յստակօրէն աջակցելու իր դիրքորոշման պատճառները: Շթեթինայը նշել է, որ այդ հակամարտութիւնում աջակցութիւն չցուցաբերել Լեռնային Ղարաբաղին` կը նշանակի  համաձայնել Կովկասում խորհրդային ազգային քաղաքականութեան իրականացմանը, «այսինքն`  աջակցել Ստալինի վարած քաղաքականութեանը»:

«Կեանքում կան կայացած փաստեր, որոնք պարզապէս պէտք է ընդունել, եւ որոնց հետ պէտք է հաշուի նստել: ԼՂՀ-ն այսպիսի փաստ է», ասել է Ֆրանք Էնկելը` շեշտելով, թէ Ազրպէյճանը պէտք է ընդունի, որ պարտուել է պատերազմում, քանի որ միայն այդպիսով կարող է տարածաշրջանում խաղաղութիւն հաստատուել: Նրա խօսքով, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի անվտանգութիւնն ապահովելու համար անհրաժեշտ է ճանաչել Արցախի անկախութիւնը: Ֆրանք Էնկելի համոզմամբ, «Միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է պաշտպանել Արցախի ժողովրդին: Ազրպէյճանի միակ նպատակն է ոչնչացնել ԼՂՀ-ն եւ այն ամէնը, ինչ այստեղ կայ: Այլեւս ոչ ոք որեւէ կասկած պէտք չէ ունենայ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտութեան  հարցում: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչումը ղարաբաղեան հակամարտութեան միակ խելամիտ լուծումն է: Եթէ լինէր մէկ այլ լուծում, այն արդէն գտնուած կը լինէր 25 տարուայ բանակցութիւնների ընթացքում: ինչ վերաբերում է տարածքներին, ապա կայ մի պարզ տրամաբանութիւն. եթէ պարտւում ես պատերազմում, ապա տարածքները նոյնպէս կորցնում ես: Որքան յիշում եմ` 1990-ականներին հէնց Ազրպէյճանն էր, որ պատերազմ սկսեց, եւ նրանք պարտուեցին», շեշտել է լիւքսեմպուրկցի պատգամաւորը:

Ինչ խօսք, Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորների յայտարարութիւնները գուցէ առաւել, քան նրանց այցերն էին Արցախ, բառիս բուն իմաստով հունից հանել են Ազրպէյճանի իշխանական վերնախաւին: Եւ սպասելի էր, որ Պաքուն փորձեց միջազգային հետախուզում յայտարարել նրանց նկատմամբ, Լափշինի պէս ձերբակալելու, դատելու, իսկ վերջում` դատապարտեալների «մեղայականով» այլ երկրներ արտայանձնելու հեռանկարով: Բայց ազրպէյճանական խոփն այս անգամ քարի դէմ առաւ ու կոտրուեց: Միջազգային Ինթերփոլը, ում այդ խնդրանք-պահանջով դիմել էր Պաքուն, կտրականապէս մերժեց ներկայացուած հայցը:  Այսպիսով իսկ Ինթերփոլը փաստօրէն ապտակել է Ազրպէյճանին` մերժելով հետախուզում յայտարարել Արցախ այցելած եւրոպատգամաւորների նկատմամբ:

Խօսքս աւարտեմ հայկական առածով: Ասում են`  «Գայլի գլխին աւետարան կարդացին, շո՛ւտ արէք, ասաց, ոչխարը գնաց»: Իսկն Ազրպէյճանի մասին է ասուած: Այո՛, արտաքին գործերի նախարար Էլմար Մամետեարովի գրասենեակում պարտաճանաչ դպիրները գիշեր ու զօր նոր անուններ են գրում «սեւ ցուցակում»: Ինչո՞ւ զօր ու գիշեր` կարող էք հարցնել: Պատասխանեմ. որովհետեւ արտասահմանեան երկրներից Արցախ այցելողների հոսքն է գիշեր ու զօր: Նորից դիմեմ Դաւիթ Բաբայեանի խօսքին. «Մնում է միայն Աստծոյ անունը մտցնեն այդ պատուոյ ցուցակի մէջ, որպէսզի այն վերջնականապէս փակուի»: Իրօ՛ք, դիպուկ է ասել:

ԱՐՑԱԽ
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար

 

Անդրադարձ. Թուրքիան` Վտանգաւոր Ու Վճռորոշ Հարցականի Տակ

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

15 օգոստոսին իրանեան բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Պաքերի` ընկերակցութեամբ Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային ուժերու հրամանատարին ու Իրանի սահմանապահ ուժերու հրամանատարին, ինչպէս նաեւ այլ հրամանատարներու եւ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Էպրահիմ Ռահիմփուրի, այցելեց Թուրքիա, ուր հանդիպում ունեցաւ իր թուրք պաշտօնակից զօր. Հուլուսի Աքարի, ինչպէս նաեւ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ, ներառեալ` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: 1979-ին Իրանի մէջ իսլամական յեղափոխութենէն ի վեր իր տեսակին մէջ առաջինը եղող այցելութեան ընթացքին երկու երկիրները համաձայնութիւն գոյացուցին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ տեղեկութիւններու փոխանակման ու զինուորական գետնի վրայ գործնական համագործակցութեան շուրջ:

Իրան-Թուրքիա այս մերձեցման գլխաւոր թիրախը Սուրիոյ, Իրաքի եւ Իրանի քիւրտերն են եւ մասնաւորաբար ՔԱԿ-ը: Անգարա դժգոհ է Սուրիոյ մէջ ՔԱԿ-Միացեալ Նահանգներ գործակցութենէն, որ նաեւ Թեհրանի մօտ յաւելեալ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ ՔԱԿ-ի իրանեան թեւին` Քիւրտիստանի ազատ կեանք կուսակցութեան նկատմամբ: Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան շուրջ 25 սեպտեմբերին նախատեսուած, քրտական անջատողականութեան նկատմամբ մտավախութիւններ հրահրող հանրաքուէն այն ազդակն էր, որ արագացուց սահմանափակ թիրախ ունեցող այդ մերձեցումը, որ տեղի կ՛ունենայ այնպիսի պահու մը, երբ Թուրքիա-Արեւմուտք յարաբերութիւնները վատ վիճակի մէջ են:

Այն իրողութիւնը, որ Թուրքիա Իրանի կը մերձենայ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներու հաստատումէն օրեր ետք, եւ Սուրիոյ քիւրտերուն հարցով իր կամքը կատարել մերժող Ուաշինկթընը կը փոխարինէ «ահաբեկչութեան հովանաւոր» Թեհրանով, վստահաբար հաշտ աչքով պիտի չդիտուի Ուաշինկթընի կողմէ:

Այդ քայլն ու անոր թայմինկը Իրանի համար հոյակապ է, սակայն ոչ Թուրքիոյ համար, եւ Փենթակոնի ղեկավար Ճէյմս Մաթիս յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած իր Թուրքիա այցելութեան ընթացքին թրքական ղեկավարութեան վստահաբար ըսելիքներ պիտի ունենայ, թէկուզ ոչ հրապարակաւ: «Դուք արդէն ատենէ մը ի վեր կը գործակցիք մեր կողմէ պատժամիջոցներու ենթակայ Ռուսիոյ հետ. աչք խփեցինք: Այժմ ալ ահաբեկչութեան հովանաւոր, շրջանը ապակայունացնող ու շրջանի ներքին գործերուն միջամտող, ծաւալապաշտ Իրանի՞ հետ համաձայնութիւն կը կնքէք: Իսկ վա՞ղը, որո՞ւ հետ պիտի դաշնակցիք, Հիւսիսային Քորէայի՞ հետ: Ի վերջոյ մեզի հե՞տ էք, թէ՞ մեզի դէմ»-ը թերեւս ըլլայ թրքական ղեկավարութեան Մաթիսէն լսելիք խօսքերէն մէկը:

Քաթարեան տագնապին հարցով Իրանի հետ տեղի ունեցած մերձեցումը պաշտօնականացնելով, ընդլայնելով, խորացնելով ու ամրագրելով ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից Թուրքիան ինքզինք դրաւ այսպիսի վտանգաւոր ու վճռորոշ հարցականի մը տակ:

 

 

Ակնարկ. Ամերիկեան Հետեւողականութիւն Բ. (Ընդհանուր Դիտարկումներ)

$
0
0

Հետեւողականութիւն բառը այս պարագային հակաքաղաքագիտական կամ զուտ բարոյական առումով պէտք չէ ընկալել: Պարզ է, որ հետեւողականութիւնը քաղաքական գործընթացներու մէջ սկզբունք չէ եւ շատ արագ կրնայ շեղումներու ենթարկուիլ եւ հուն փոխել: Այստեղ խնդիրը առաւելաբար կը վերաբերի ամերիկեան վարքագիծի մը, որ սերտօրէն կապուած է անոր արտաքին քաղաքականութեան` Թուրքիոյ նկատմամբ արձանագրուող ուղղութեան հետ:

Ինչպէս մարդկային իրաւունքները, այնպէս նաեւ կրօնական ազատութիւններու պահանջները ունին զուտ քաղաքական շարժառիթներ եւ ընդամէնը խաղաթուղթ են  կամ ճնշամիջոց գերտէրութեան մը կողմէ տուեալ պետութեան նկատմամբ որոշակի քաղաքականութիւն իրականացնելու ընթացքին:

Եթէ մէկ կողմէ քրտական գործօնը Արեւմուտքի համար միջինարեւելեան տարածաշրջանի զինուորաքաղաքական գործընթացներուն շահարկելի իրականութիւն է, միւս կողմէ` Թուրքիոյ հետ պարանաձգութեան միջոցին ճնշումը զօրացնելու միջոց: Քրտական խմբաւորումներէն ետք, թէեւ ոչ անոնց չափ ազդեցիկ, այսուհանդերձ կան նաեւ այլ կրօնական փոքրամասնութիւններ, որոնք ներթրքական հասարակութեան մէջ ուշագրաւ կէտեր են այս պարագային Ուաշինկթընի համար:

Ո՛չ կրօնական ազատութեան սկզբունքը, ո՛չ ալ մարդու իրաւունքներու յարգումի արժէքը շարժառիթներ են, որ Ուաշինկթըն հանդէս գայ բանաձեւերով, պահանջներով եւ հիմա զեկուցումի ճամբով ճնշումներով: Քաղաքական տրամաբանութեամբ աւելի քան պարզ է, որ Ուաշինկթընի համար հիմնական խնդիր չէ, թէ Սուրբ Խաչի մէջ հայկական պատարագ արտօնուա՞ծ է մատուցելը, թէ՞ ոչ: Ո՛չ ալ ազգապատկան կալուածները իրաւատիրոջ վերադարձնելու խնդիրը: Եւ կամ «Քամփ Արմէն»-ի համար նախաձեռնուած պայքարին քանի օր տեւած ըլլալը:

Այս բոլորը կրնան շատ արագ հուն փոխել եւ քաղաքական մեղրամիսային եղանակի մը յայտնուելու պարագային կա՛մ մոռացութեան ենթարկուիլ, կա՛մ ալ կրնան որդեգրուիլ ճիշդ հակառակ բանաձեւեր եւ գնահատականներ, որոնք կ՛ընդգծեն Անգարայի իշխանութիւններուն կողմէ մարդու եւ կրօնի իրաւունքներու եւ ազատութիւններու յարգումի օրինակները:

Քաղաքական տրամաբանութեան եւ գործընթացներու փիլիսոփայութեան այս օրինաչափութիւնները նկատի ունենալով է, որ ազգաբնակչութիւններու քաղաքական գործունէութիւնները յատուկ արուեստով կը մշակեն իրենց պահանջներու, ակնկալութիւններու ծրագիրները: «Քամփ Արմէն»-ի քանդումին դէմ պայքարողները քաղաքացիական շարժումի աշխուժացման ընդհանուր մթնոլորտին մէջ կը նախաձեռնէին բողոքի գործողութիւններու առանց անպայման նախատեսելու, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան զեկուցումին մէջ յատուկ պիտի նշուէին:

Արդար պահանջի հիման վրայ տեղին եւ օրինաչափ նկատուող բողոքի գործողութիւն մը սակայն Թուրքիոյ նման կտրուկ շրջադարձներ կատարող երկրի մը մէջ կրնայ ընկալուիլ իբրեւ արկածախնդրութիւն, Թուրքիոյ մասնատումը առաջադրած ուժերու համար ներքին գործիք եւ նման ամբաստանութիւններու նշանակէտ:

Ամերիկեան վարքագիծը բնականաբար որեւէ մտահոգութիւն չ՛ապրիր, թէ իր յայտարարութիւնները եւ ներթրքական գործընթացներու վրայ բացած լուսարձակները ի՛նչ տեսակ հետեւանքներ կրնան ունենալ դէպի սուլթանութիւն վերադարձ կատարած երկրին մէջ:

Կրօնական ազատութեան յարգումի սկզբունքին տակ կը տեղադրուին Սուրբ Խաչի մէջ պատարագ մատուցելը, Տիգրանակերտի եկեղեցիներու վերադարձը, Սիսի կաթողիկոսութեան դատը, իսկ իբրեւ փոքրամասնութեան իրաւունք` «Քամփ Արմէն»-ի պայքարը:

Անոնցմէ իւրաքանչիւրը յատուկ ըսելաձեւով ներկայացուած է: Որոշ կէտեր ուղղակի պահանջուած են զեկուցումին մէջ, այլ կէտեր անուղղակի:

Ընդգծելին այն է այս պարագային, որ Ուաշինկթընը հետեւողականութիւն պահած է թրքական իշխանութիւններուն վրայ կրօնական ազատութեան կարգախօսին տակ ճնշումներ բանեցնելու:

«Ա.»


«Շարադրութեան Նիւթ»

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

«Ազատ նիւթ: Ձեր նախընտրած նիւթի մասին գրեցէք», ըսաւ մեր հայերէնի ուսուցիչը` Մ. Իշխան:

Դիւրին չեղաւ նիւթ մը ընտրելը: Այդ օր այն փորձառութիւնը ունեցայ,  որ գրութեան մը ամենադժուար մասը հետաքրքրական նիւթի մը ընտրութիւնն է:

Մնացածը  հեշտ է:

Երկա՜ր մտածեցի յարմար նիւթի մը մասին:

«Մեծ մայրիկս»:

Մեծ մայրս տեսնելու բախտին չեմ արժանացած: Մեր թաղի մամիկներէն մէկը որպէս տիպար առնելով`  սկսայ գրել քանի մը բառ միայն:

«Շատ բարի կին մըն էր մեծ մայրիկս»: Աւելի չկրցայ շարունակել:

Զգացի, որ տափակ, «քլիշէ» դարձած նախադասութիւն մըն է: Ամէն աշակերտ գրեթէ միշտ  նոյն նախադասութիւններով կը ներկայացնէ իր մեծ մայրը:

«Ծովեզերք»:

«Պայծառ օր մըն էր: Ձկնորսութեան եղէգ  եւ կողով մը շալկած, ուղղուեցայ ծովեզերք` ձուկ որսալու»:

Բնաւ ձկնորսութիւն չեմ ըրած: Չէի գիտեր` ի՛նչ գրել նիւթի մը մասին, որմէ գաղափար իսկ չունիմ: Այդ մէկն ալ պատռեցի ու թափեցի:

Քանի մը էջ մրոտեցի ու պատռեցի, եւ երկուշաբթի առաւօտ դասարան մտայ ծոյլ աշակերտի մը նման, որ կը թերանայ իր տան պարտականութիւնը կատարելու մէջ:

Այդ տեսակ աշակերտներէն չէի, մանաւանդ հայերէնի շարադրութիւններս գրեթէ միշտ գնահատուած էին ուսուցիչներուս կողմէ:

Քանի մը օր ետք, երբ Մ. Իշխան սրբագրուած շարադրութիւնները կը վերադարձնէր, զարմանքով նկատեց,  որ իրեն ոչինչ յանձնած էի:

«Անհանգի՞ստ էիր, որ չկրցար քանի մը էջ գրել» հարցուց մտերմաբար:

«Ո՛չ, պարո՛ն, ազատ նիւթ ըլլալն էր պատճառը: Շատ մտածեցի եւ յարմար նիւթ մը չկրցայ ընտրել»:

Պարոն Մուշեղ շուտ կը ջղայնանար: Քանի մը վայրկեան առաջ հանդարտ թուացող անձը չէր: Երբ ճաղատը կարմրէր ու ձայնը դողալու սկսէր, գիտէինք գալիքը:

«Կեանքի մէջ ամէն մէկ քայլափոխը, ամէն վայրկեան գրելիք նիւթ մըն է, եւ դուն չկարցա՞ր անոնցմէ մէկը ընտրել», գրեթէ պոռալով սկսաւ խօսիլ հետս:

«Մէյ մը սա պատուհանէն դուրս դիտէ եւ ըսէ, թէ ի՛նչ կը տեսնես», ըսաւ քիչ մը հանդարտելէ ետք:

Մօտեցայ պատուհանին եւ դիտեցի դպրոցին բակը:

«Քանի մը թռչուններ դիմացի արմաւենիին վրայի պտուղները կը կտցահարեն: Անդին աշակերտ մը հանգիստ նստած է ծառի մը տակ: Հաւանաբար ուսուցիչը զինք դասարանէն դուրս դրած է, եւ ինք փոխանակ նեղուելու, հանգի՜ստ նստած` թռչունները դիտելով երջանիկ է: Քիչ մը անդին…»:

Տարիներ անցած են այդ թուականէն եւ անկարելի է, որ յիշեմ այդ քանի մը վայրկեաններու ընթացքին տեսածներուս մասին պատմածներս: Առանց  կանգ առնելու` ճարտասանի մը նման կը շարէի: Բերանացի շարադրութիւն մըն էր:

Կանգ առի: Տեսածներս ու ըսելիքնե՞րս վերջացած էին, թէ՞ բաւարար նկատեցի, չեմ յիշեր:

Պարոն Մուշեղ հանդարտած էր:

«Հիանալի շարադրութիւն  մըն էր պատմածդ, որ դուն առանց գրի առնելու յանձնեցիր ինծի», եւ այդ բերանացի շարադրութեանս բաւական բարձր նիշ մը շնորհեց:

«Կեանքի մէջ ամէն մէկ քայլափոխ, իւրաքանչիւր վայրկեանը գրելիք նիւթ մըն է»:

Ուղեղիս մէջ դրոշմուած է սիրելի ուսուցչիս այդ նախադասութիւնը, զոր տարիներ, շա՜տ երկար տարիներ ետք սկսայ գործադրել, երբ հայկական թերթերու մէջ սկսայ յօդուածներ ստորագրել:

* * *

Կորուստներ կան, որոնք նիւթականով կարելի չէ ետ բերել:

Սկսելով հարազատի մը կորուստէն` միչեւ հայրենիքի եւ ծննդավայրի կորուստները, իսկ Լիբանանի պատերազմի պատճառով ունեցած նիւթական մեծ կորուստներուս մասին նոյնիսկ չեմ ուզեր մտածել: Այդ էջը շատոնց փակած եմ:

Քանի մը շաբաթ առաջ ունեցայ վերը յիշուածներէն բոլորովին տարբեր տեսակի կորուստ մը:

Բաւական թիւով տակաւին չհրատարակուած յօդուածներ, որոնց մէկ մասը` ամբողջացած, իսկ ուրիշներ տակաւին վերատեսութեան ենթարկուելիք, համակարգիչիս խանգարումին պատճառով բոլորը կորսնցուցի: Երկար ամիսներու աշխատանքս անվերադարձ կորած էր:

Քանի մը օր անտրամադիր էի: Պիտի կարենա՞մ վերյիշել այդ գրութիւններս, որպէսզի վերարտադրեմ:

«Մուսա» ըսուածը երբեմն անյարմար ժամանակին կը ներկայանայ: Գործէն վերադարձիս, խճողուած մայրուղիին վրայ, ինքնաշարժիս մէջ յանկարծ հետաքրքրական նիւթ մը կամ կարեւոր դէպք մը կը յիշեմ, որ կրնայ յաջող յօդուածի մը վերածուիլ. կամ` իրիկունները անկողին մտնելէս ետք, նախքան քունի անցնիլս, շատ կը պատահի, որ յիշեմ դէպքեր, մանկութեան, պատանեկութեան կամ նոյնիսկ քանի մը տարի առաջ պատահած յուշեր, սակայն կը «ծուլանամ» անկողնէն ելլելով` գրի առնել: Յաջորդ առաւօտ կանուխ գործի պէտք է հասնիմ: Երբեմն կը բաւարարուիմ քանի մը նոթեր առնելով բայց «մուսաներուս» շնորհած  նիւթերը, որոնք գրի չեն առնուած, քանի մը ժամ ետք արդէն մոռցուած են:

«Երկաթը տաք տաք կը ծեծեն» կ՛ըսէ հայկական առածը: Հասկնալի է, սակայն իմ պարագայիս, յաճախ պատեհութիւնը չեմ ունենար «տաք տաք ծեծելու»:

Կարելի՞ բան է մայրուղիին մէկ կողմը կանգ առնելով` յիշածներս գրի առնել, իսկ երբ ոստիկանը ներկայանայ ու յիշեցնէ, որ հոն կանգ առնելը արգիլուած է, կրնա՞մ իրեն հասկցնել` «քիչ մը համբերէ, մուսաներս եկած են, օգտուիմ առիթէն» …

* * *

Սովորութիւն դարձուցած ենք աշխարհի չորս կողմը ցիր ու ցան դասընկերներով իրարու հետ ե-նամակի միջոցով կապի մէջ մտնել եւ մեր նամակագրութեան ժամանակ յաճախ իրարու կը յիշեցնենք մեր դպրոցական նստարաններու վրայ տեղի ունեցած դէպքեր, որոնք լոկ յիշատակներ չեն: Անցեալին պատահած դէպքեր յիշելով ու գրի առնելով է, որ պատմութիւն կը կերտուի: Ներկայ օրերու աշակերտներուն կենցաղը տարբեր է մեր ժամանակներէն: Ինչո՞ւ նոր սերունդին տեղեակ չպահել մեր անցեալի ապրելակերպը:

Ի՞նչ պիտի պատահէր, եթէ Մ. Իշխան, Անդրանիկ Ծառուկեան եւ Արամ Հայկազ գրի առած չըլլային իրենց որբութեան տարիները:

Արամ Հայկազ իր գրութիւններով մեզ փոխադրեց Քիւրտիստանի լեռներէն մինչեւ Նիւ Եորքի իտալացիներով բնակուած թաղերը: Գառնիկ Բանեանի հետ «համտեսեցինք» Այնթուրայի որբանոցի պատառ մը չոր հացը, իսկ մենք, մեր կարգին, պարտաւոր ենք մեր յաջորդող սերունդներուն ծանօթացնել ժամանակին հայերով լեցուն Էշրեֆիէի թաղամասը, Պուրճ Համուտը, քաղաքի շրջանը, ուր կը բնակէր մեր մտաւորականներուն, գրագէտներուն, ազգային գործիչներուն մեծ մասը: Քանի մը տասնամեակներ առաջ մատի վրայ հայ հաշուող Լոս Անճելըսը, որ այսօր դարձած է սփիւռքի ամենամեծ գաղութներէն մին:

Կար ժամանակ, երբ գրելը վերապահուած էր միայն յայտնի գրագէտներուն: Սիրողական գրողներուն այդ առիթը չէր ընծայուեր:

Այսօր հայ օրաթերթերը իրենց էջերը լայն բացած են հաւասարապէս բոլորին:

Խտրութիւն չեն դներ յայտնի գրագէտին ու սիրողականին միջեւ, որուն համար ինծի նման սիրողական բոլոր գրողներս երախտապարտ պէտք է ըլլանք պատուարժան խմբագիրներուն:

Լիբանանահայ ծնողքէ Ամերիկա  ծնած օրիորդէ մը Ե-նամակ մը ստացայ քանի մը ամիս առաջ:

«Մօրս ստիպումով օրական քանի մը էջ հայերէն կը կարդամ եւ պատահմամբ հանդիպեցայ յօդուածներուդ, որոնք հասկնալու համար բառարան բանալու կարիքը չեմ զգար, ոչ ալ մօրս օգնութեան կը դիմեմ, որպէսզի բացատրէ անհասկնալի նախադասութեան մը իմաստը:

Հաճոյքով կը կարդամ քու սերունդիդ կենցաղի մասին, որոնք միեւնոյն ժամանակ նաեւ ծնողքիս շրջանի պատմութիւնն է»:

«Պարապ տե՞ղը հայկական դպրոց ղրկեց ծնողքս»,  օր մը ըսաւ բարեկամներէս մէկուն երիտասարդ  տղան, երբ զինք շնորհաւորեցի հայերէն թերթ կարդալուն համար:

Հայ օրաթերթերը լոկ լրատուական աղբիւրներ  չեն: Նաեւ հայոց պատմութեան գիրքեր են: Անցեալի, նաեւ ներկայի կարեւոր դէմքեր վերյիշելու աղբիւրներ:

Յիշատակներ, որոնք լոկ յիշատակներ չեն: Պատահած դէպքեր, որոնք մէկու մը կեանքին մէջ անկիւնադարձեր եղած են: Փոքր մանրամասնութիւններ, որոնք պատմութեան գիրքերու մէջ չեն արձանագրուիր, սակայն կարդալով այդ համեստ գրութիւնները` կը վերյիշենք մեր մանկութեան տարիները,  մինչեւ պատանեկութիւն կամ աւելի ուշ:

«Կեանքի մէջ ամէն մէկ քայլափոխ, իւրաքանչիւր վայրկեանը գրելիք նիւթ մըն է»:

Սիրելի ուսուցչիս այդ օրուան շարադրութեան ազատ նիւթի ընտրութեան դժուարութեան հանդիպիլս ինծի խթան եղաւ եւ սորվեցայ, որ գրելիք անհատնում նիւթեր ունինք:

Պայման չէ Արամ Հայկազի եւ Մ. Իշխանի նման գրագէտներ ըլլալը: Ամէն մէկս մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ պարտինք ծանօթացնել մեր հին սովորութիւնները, նախապաշարումները: Նիւթեր, որոնք դպրոցական դասագիրքերու մէջ չեն դասաւանդուիր. դասարաններու մէջ չեն խօսուիր:

* * *

Քանի մը շաբաթ առաջ էր: Ճեմարանի ընկերներէս Գրիգոր Պըլտեան «Արեւմտահայերը միշտ իրենց հողէն դուրս գրականութիւն ստեղծած են» հարցազրոյցին մէջ, հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէր ներկայ հայ գրականութիւնը.

«Երիտասարդ գրողներ այժմ քիչ կան եւ զանոնք չենք կրնար գրողներ համարել…

Այսօր, մարդիկ կը կարծեն, թէ շարադրութիւն գրողը կրնայ նաեւ գրականութիւն ստեղծել: Բայց այդպիսիները գրական ստեղծագործութիւն չեն»:

Նախ` բնորոշենք շարադրութիւն բառին իմաստը:

Շարադրութիւն. գոյական:

Միտք մը ընդլայնող գեղագիտական գրութիւն. գրաւոր յօրինում:

Շարադրել. ներգործական բայ:

Գրաւոր ընդլայնել, խմբագրել: («Նայիրի» բառարան)

Գրիգոր Պըլտեան իր «Նշան» հատորին մէջ հիանալի ձեւով ներկայացուցած է Պէյրութի Հայաշէն թաղամասը:

Գրիգոր Զօհրապ, որուն արդարօրէն տրուած է «Նորավէպի իշխան» տիտղոսը, մեզի ծանօթացուցած է Ցեղասպանութենէն առաջ պոլսահայ կենցաղը, իսկ անմահ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեան` նմանապէս երգիծական ձեւով` այդ շրջանի հայերու ապրելակերպը, իսկ ներկայ օրերու սիրողական գրողներէն շատեր կը ծանօթացնեն մե՛ր օրերու ապրելակերպը:

Արմէն Գարօ եւ Մալխաս հայ գրագէտներու դարպասէն մուտք չեն գործած, սակայն առաջինին «Ապրուած օրեր»-ը, իսկ Մալխասի «Զարթօնք» վէպը այնքա՜ն յափշտակութեամբ կը կարդացուին: Հարազատ, հաճելի եւ դիւրամատչելի գրութիւններու միջոցով, կը ծանօթանանք Պանք Օթոմանի գրաւման, մեր աննման ֆետայիներուն սխրանքներուն, զրկանքներուն, ու նաեւ` իրենց շատ բնական սիրային կեանքին:

Դէպքեր, որոնք պատմութեան գիրքերու մէջ չեն ներկայացուիր, եւ այդ պա՜րզ հաճելի գրութիւնները հաճոյքով կարդալով է, որ կը դրոշմուին մեր ուղեղներուն մէջ:

Հայկական թերթերու մէջ յօդուածներ ստորագրելու համար Պըլտեանի, Գրիգոր Զօհրապի կամ Յակոբ Պարոնեանի նման յայտնի գրագէտներ ըլլալը պայման չէ:

Յայտնի գրագէտէն մինչեւ սիրողականը` իւրաքանչիւրը իր ընթերցողը, իր ոճը ունի:

Կը պատահի, որ կարգ մը սիրողականներու գրութիւններ աւելի կարդացուին, քան` մեծահամբաւ հեղինակի մը գործերը:

Ինչ կը վերաբերի «շարադրութիւն» որակումին, որեւէ գրութիւն, ամենանշանաւոր հեղինակէն մինչեւ սիրողականի մը գրութիւնները, բոլորը անխտիր շարադրութիւններ են:

Շարադրութիւնը լոկ դպրոցական պարտականութիւն չէ:

«Շարադրութիւնը գրականութիւն չէ», ինչպէս կ՛ըսէ Պըլտեան, սակայն գրականութիւնը, ինչպէս` ոեւէ գրութիւն, ինքնին շարադրութիւն մըն է:

Գրականութիւնը կրնայ օրական չկարդացուիլ (դժբախտաբար), սակայն օրաթերթերու մէջ հրատարակուած յօդուածներ,  որոնք ըստ Ճեմարանական ընկերոջս, լոկ «շարադրութիւններ» են, յաճախ կ՛ունենան բազմաթիւ ընթերցողներ:

«Կեանքի մէջ ամէն մէկ քայլափոխ, իւրաքանչիւր վայրկեանը գրելիք նիւթ մըն է»:

Լոս Անճելըս, 2017

 

Ինքնուրոյն Գոյութեան Աստուածային Իրաւունքը

$
0
0

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆ

2017 թուականին լրանում է պատմական յեղաշրջիչ իրադարձութեան` ռուսական պոլշեւիկեան յեղափոխութեան եւ խորհրդային պետութեան հիմնադրման հարիւր տարին: Այս փաստը առիթ դարձաւ, որ դեռեւս մէկ-երկու տարի առաջ Ռուսաստանում քննարկումներ սկսուէին յեղափոխութեան արդիւնքների ու հետեւանքների, ինչպէս նաեւ` հետագայում, խորհրդային պատմուճանով վերակենդանացած կայսրութեան քայքայման պատճառների շուրջ: Յայտնի է, որ նախադէպը չունեցած հասարակարգային փոփոխութիւնը հնարաւոր էր դարձել պատմական բնականոն զարգացման հունից Ռուսաստանի շեղուելու, կացութաձեւերի ու վարչական համակարգի խառնաշփոթի, ներքին ցնցումների յարուցած քաոսի, սովի եւ պատերազմների հետեւանքով:

Անշուշտ` ոչ առանց արտաքին միջամտութեան: Թէեւ յեղափոխական փոթորիկներից քաղաքական պատերազմի հրդեհի մէջ գլորուած երկրի ապագան կանխատեսող քչերն էին ենթադրում, որ  պոլշեւիկների իշխանութիւնը երկար կեանք կ՛ունենայ, այնուամենայնիւ, ընկերվարութեան դրօշով, պետական մենաշնորհ հաստատած համայնավարական ամբողջատիրական համակարգը գոյատեւեց մօտ 7 ու կէս տասնամեակ: Այն ունեցաւ իր բուռն զարգացման շրջանը, ծանր պատերազմից դուրս եկաւ որպէս համաշխարհային երկրորդ տէրութիւն` ձեւաւորելով շուրջը համայնավարական երկրների ճամբարը: Պետութիւնը նոր շնչառութիւն ստացաւ, սակայն հետագայ ընթացքը դանդաղօրէն տարաւ դէպի նոր ճգնաժամ եւ բոլոր ժամանակների հզօրագոյն կայսրութիւնը փլուզուեց սնամէջ փղի նման: Արդէն յետխորհրդային շրջանում սկսեցին գրել, որ անարդիւնաւէտ հիմքի վրայ ձեւաւորուած քաղաքական եւ մանաւանդ տնտեսական համակարգը ճգնաժամի առաջին ազդակներն ստացաւ դեռեւս 30-ական թուականներին, եւ հէնց այն ժամանակ ծագեց վերակառուցման գաղափարը: Նոյնիսկ ասւում է, որ բարեփոխումների գլուխ պէտք էր կանգնէր պետութեան երկրորդ մարդը հանդիսացող Բերիան, սակայն Բ. Աշխարհամարտը առնուազն յետաձգեց այս ծրագրի իրագործումը:

Երկրի իրական վիճակին լաւագոյնս իրազեկ Պետական անվտանգութեան կոմիտէի նախագահ (1980-ականներին կարճ ժամանակ նաեւ ԽՍՀՄ Համայնավար կուսակցութեան կենտրոնական կոմիտէի քարտուղար եւ Գերագոյն խորհրդի նախագահ) Եուրի Անտրոփովը անցեալ դարի 60-ականներին երկրորդ անգամ մտածում է երկրի ընդհանուր վերակառուցման անհրաժեշտութեան մասին, ինչը, արդէն 80-ականներին, փորձեց անել ԽՍՀՄ վերջին առաջնորդ Կորպաչովը: Կայսրութեան վերեւից ծրագրուած հերթական բարեփոխման կիսաժողովրդավարական գործընթացներն էլ յանգեցրին պետութեան կապանքների թուլացմանն ու անջատողական շարժումների պոռթկումին:

Եւ ահա ռուսական քաղաքագիտական-մտաւորական վերնախաւը, ախտորոշելով պետութեան կործանման պատճառները, մատնանշում է անարդիւնաւէտ տնտեսական կացութաձեւն ու վարչաձեւը, երկրի ինքնամեկուսացուածութիւնը համաշխարհային ընթացքից, Ամերիկայի հետ ռազմական մրցավազքը, ժողովրդավարութեան բացակայութիւնը, փտածութեան երեւոյթները եւ այլ գործօններ: Որ տուեալ գործօնները կարեւոր դերակատարութիւն են ունեցել, ժխտելի չէ. սակայն այս քննարկումների հոլովոյթում զգուշօրէն շրջանցւում է ազգային հարցի դերը: Գուցէեւ ռուսական մետրոպոլիայի դիտակէտից այնպէս է երեւում, թէ այս հարցը «սպառիչ» կերպով ժամանակին լուծել են Լենինն ու Ստալինը, իրականում սակայն վառօդի տակառի պէս երկրի հիմքում եղած այս հարցն էր, որ ցիրուցան արեց «Կաւէ փղին»:

Պատմութեան ընթացքում պետութիւններն ապրում են իրենց հզօրութեան ու թուլութեան շրջափուլերը, սակայն տարբեր է պարագան միատարր եւ բազմաազգ տէրութիւնների պարագայում:

Քաղաքագիտական ճշմարտութիւն է, որ միատարր կամ ազգային պետութիւնները, որքան էլ որ թուլանան, մի օր կրկին հաւաքւում են սեփական ինքնութեան միջուկի շուրջ: Բազմազգ պետութիւնների կամ փոքր ու մեծ կայսրութիւնների թուլանալու պարագայում, անջատողական տրամադրութիւնները ստեղծում են կենտրոնախոյս հզօր շարժում, ինչն էլ, ի վերջոյ, վերածւում է բոլոր կայսրութիւնների քայքայման հիւանդութեան: Յաճախ, ինչպէս Խորհրդային Միութեան դէպքում, դժուար ընկալելի է մնում, թէ նման հզօր տէրութիւնները ինչպէ՛ս են այդքան հեշտութեամբ մասերի բաժանւում, բայց այս դէպքերում թերագնահատւում է հէնց ամենահզօր մղիչ ուժի ներուժը` ազգային հարցը:

Ի դէպ, անցեալ դարի 90-ականների ելցինեան քաոսային Ռուսաստանում յանկարծ ի յայտ եկաւ «ազգայնական շարժում», որն ուղղուած էր հրէաների եւ երկրի ազգային այլ փոքրամասնութիւնների դէմ: Սա միայն մէկ բան կարող էր նշանակել, որ այդ շարժումը ռուսական արմատներ չունի եւ հրահրուած է ինչ-որ ուժերի կողմից: Այլապէս իշխող ժողովրդի կողմից ազգային հարցի սրումը նոյնն է, թէ կտրել այն ճիւղը, որի վրայ նստած ես: Եւ պատահական չէ, որ այդ շարժումը մարեց իրական ազգայնական Փութինի նախագահ դառնալով:

Վերադառնանք բուն ասելիքին:

Խորհրդային Միութեան փլուզումից յետոյ, պահի քաղաքական հաշուարկով պայմանաւորուած, մի քանի անգամ փոփոխուեցին ԽՍՀՄ-ի արժեւորման երանգները: Ներկայումս ականետես ենք Ռուսաստանի հանրային-քաղաքագիտական շրջանակներում տեղի ունեցող մտքերի այն խմորումներին, երբ փորձ է արւում երկրորդական նշանակութիւն հաղորդել Լենին-Ստալինի, նրանց խմբակիցների ու ժառանգորդների բացասական վարքին` դրանք հակակշռելով իրականացուած «մեծ» իրագործումներով: Նոյն տրամաբանութեամբ մեղմացւում են ստալինեան եւ այլ բռնութիւնների գնահատականները, մարդկային ազատութիւնները խեղդած եւ ժողովուրդների բանտ ծառայած ամբողջատիրական կառոյցի իրական բնոյթը: Պատմութեան նմանօրինակ գնահատումները ի հարկէ պայմանաւորուած են փութինեան Ռուսաստանի նոր վերելքի նախանշաններով, որ գուցէեւ որոշ մեծապետական վելիկոռուսների գլուխներում արթնացնում է անցեալի վերակենդանացման անուրջներ: Նոր Ռուսաստանի նախագահ Փութինը առիթների դէպքում չի թաքցնում իր ցաւը Խորհրդային Միութեան փլուզման առիթով, միաժամանակ նա նաեւ հետեւեալ մտքի հեղինակն է. «Ով չի ցաւում Խորհրդային Միութեան կործանման համար նա սիրտ չունի, ով կարծում է, թէ Խորհրդային Միութիւնը կարող է վերականգնուել, նա գլուխ չունի»:

Իրականում ռուսները ուշացումով հասկացան, որ ժամանակակից եւ, այսպէս ասած, քաղաքակիրթ գաղութատիրութիւնը չի նշանակում շուրջբոլորը պատել սեփական ցանկապատով: Սրանով հանդերձ, ի մտի ունենանք , որ ինչպէս Պիսմարկն է ասել. «Քաղաքականութիւնը հնարաւորի արուեստն է»:

Ռուսական դիտանկիւնից խորհրդային երեւոյթը իւրովի գնահատելը բնականաբար ունի իր բացատրութիւնը, որն ի հարկէ շատ էլ չի համապատասխանում, եթէ չասենք` հակասում է մնացած 14 նախկին խորհրդային հանրապետութիւնների եւ դեռ դրանից էլ դուրս` նախկին համայնավարական ճամբարի երկրների գնահատականին:

Միութեան փլուզումից յետոյ Ռուսաստանի հետ սերտ յարաբերութիւններ վերահաստատելու դրօշակիրները եղան Պիելոռուսիան ու Ղազախստանը: Առաջինի դէպքում նոյնիսկ տեսակէտներ կային, որ Պիելոռուսիան կարող է պարզապէս միանալ Ռուսաստանին, քանի-որ պատմականօրէն սա նոյն ժողովուրդն է, եթէ չհաշուենք թաթարների կողմից նրանց տրուած «սպիտակ ռուս» անուանումը: Ինչ վերաբերում է երկրորդին, ապա այս երկրի անփոփոխ նախագահ եւ ըստ էութեան ղազախական պետութեան հիմնադիր նախագահ Նազարպայեւը հէնց եղաւ Եւրասիական միութեան գաղափարի հեղինակը` դեռեւս անցած դարի իննսունականների կէսին: Սրանով հանդերձ, երկու «ռուսամէտ» նախագահները նոյն ԵԱՏՄ-ի ստեղծման նախօրեակին զգուշացրեցին, որ իրենց պատկերացրած միութիւնը պէտք է ունենայ տնտեսական բովանդակութիւն, իսկ եթէ այնտեղ սկսի գերակշռել քաղաքական բաղադրիչը, իրենք կը հրաժարուեն այդ միութիւնից: Վերն ասուածից բխող յարակից հարցերի ու մանրամասների մէջ չխորանալով` հասնենք եզրակացութեանը`

ա/ Իր բոլոր արդիւնքներով հանդերձ, որ ենթակայ ժողովուրդների համար ունեցաւ Խորհրդային Միութիւնը, այն ռուսական նոր գաղութատիրութիւն էր, որտեղ ճնշուած էին ազատութիւնները, եւ յատկապէս` ազգային ինքնուրույնութիւնը: Հայկական հարցի նկատմամբ ռուսական քաղաքականութիւնը կործանարար եղաւ մասնաւորապէս հայերիս համար:

բ/ Որեւէ ժողովրդի բնականոն, ինքնատիպ ու ինքնուրոյն զարգացման հիմնական պայմանը անկախութիւնն է:

գ/Որեւէ փաստարկ չի կարող հակակշռել ինքնուրոյն կեանքի ու զարգացման ժողովուրդների ձգտումին եւ գերադասուել ինքնուրոյն գոյութեան աստուածային իրաւունքից:

 

«Դրօշակ»

 

«Ազդակ»ի 90-ամեակին Նուիրուած Բացառիկը

$
0
0

ԶԵՓԻՒՌ ՊԱՊԻԿԵԱՆ-ԱՒԱԳԵԱՆ

«Ազդակ»-ի 90-ամեակին նուիրուած բացառիկը իր խմբագրականի Ա. պարբերութեամբ կը ներկայացնէր այս հրատարակութեան շարժառիթը հետաքրքրական վերնագիրով մը` «Չտպուած բաժինը», «Ազդակ»-ի առօրեային հետ առնչուող խոհանոցային բաժինը, որ տեսանելի չէ եղած տասնամեակներ շարունակ` թեքնիք բաժինը, աշխատանքային յարաբերութիւնները, խմբագրական կազմի իսկ բառերով` «շատ կարեւոր եւ սպառնալիքի տակ եղող բաժին մը», որուն պատմութեան յանձնելու գործը ստանձնած են «Ազդակ»-ի երբեմնի խմբագիրները, որոնք կազմած են «Ազդակ»-ի 90-ամեակի յոբելենական յանձնախումբը, եւ որոնց մտահոգութիւնը եղած է «ի գին ամէն ինչի թերթը տպելու եւ հայ ընտանիքին հասցնելու ամբողջ համակարգի մը իննսունամեայ յաջողութեան գաղտնիքին որոշ ծալքերը բանալ»:

90-ամեակի հատորը կը բացուի ուղերձներով` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, ապա` ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ի, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց պատրիարք Գրիգոր-Պետրոսի, որմէ ետք` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի: Հուսկ` «Երկարատեւ ընթացք եւ բարի նաւարկութիւն «Ազդակ»-ին խորագիրով ՀՅԴ Բիւրոն իր մաղթանքը կը ձօնէ «Ազդակ»-ի երթին: Իսկ ՀՅԴ Լիբանանի ԿԿ-ը կը հաստատէ, որ` ««Ազդակ»-ը եղաւ հայապահպանութեան ամրոց, «Ազդակ»-ը եղաւ Լիբանանի հայութեան ու ապա համայն սփիւռքի առօրեայ կեանքի հայելին ու պատմագիրքը»:

Ասոր կը յաջորդէ Դաւիթ Բաբայեանի` Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղակալի շնորհաւորական խօսքը, որուն համաձայն` «Ազդակ»-ը «մեծ յարգանք է վայելում նաեւ Արցախում»:

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի պատասխանատու Արտաշէս Շահբազեան կը հաստատէ, որ` «Դաշնակցութեան ապրած ոդիսականի 90 տարում մամուլի ու քարոզչութեան ճակատի կարեւոր դերակատարներից է եղել «Ազդակ» թերթը»:

Յաջորդաբար իրենց շնորհաւորանքները կ՛արտայայտեն ի սփիւռս աշխարհի հրատարակուող ՀՅԴ պաշտօնաթերթերու, հայկական օրաթերթերու եւ պարբերականներու խմբագիրներ եւ պատասխանատուներ: Շուրջ 425 գեղեցկօրէն ձեւաւորուած, նկարներով ճոխացած էջերու վրայ տարածուելով` հատորը կը փորձէ ներկայացնել ամէն մանրուք ու փշրանք, որ կրնայ ծառայել «Ազդակ» օրաթերթի 90-ամեայ պատմութիւնը ներկայացնելու յոյժ կարեւոր գործին: Այստեղ կը յիշուի, որ «դաշնակցական խօսքի դրօշակիր»-ը ամէն տարի մարտ 5-ին կը տօնէ իր սեփական ամանորը` 1927-ի իր ծնունդը:

Լիբանանեան տարբեր քաղաքական անցուդարձերուն հետ, քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, «Ազդակ» ապրած է վերիվայրումներ, տպագրական գործիքներու արդիականացման անհրաժեշտութիւն, որոնք առօրեայ դժուարութիւններ ըլլալով հանդերձ, միշտ ալ յայտնուած են պատասխանատու մարմիններու մտահոգութեան կիզակէտին:

«Ազդակ» նաեւ եղած է «ուղղակի կամ անուղղակի ժամադրավայրը հայ գրողներու, արուեստագէտներու, մտաւորականներու եւ կուսակցական գործիչներու, որոնք զիրար գտած են խմբագրատան մէջ», ինչպէս կը յուշէ Ս. Մահսէրէճեանի յօդուածը:

Սարգիս Մահսէրէճեանի, Ասպետ Մանճիկեանի, Շահանդուխտի, Վ. Աւագեանի, Յակոբ Եափուճեանի յօդուածները կ՛ամփոփեն «Ազդակ»-ի 90 տարիներու երթը, ուր պատմականին ընդմէջէն կ՛արտացոլայ նաեւ լիբանանահայ գաղութին եւ սփիւռքին լինելիութիւնը:

Քանի մը հարցազրոյցներու ընդմէջէն` Երուանդ Փամպուքեանի, Յակոբ Բագրատունիի, Վարանդ Փափազեանի, Յովիկ Պէրթիզլեանի, Յակոբ Խաչերեանի հետ, կը համալրուի «Ազդակ»-ի պատմութիւնը:

Այնուհետեւ, Ժաք Յակոբեան հանգամանալից կերպով կը խօսի թերթի հիմնադիր Հայկ Պալեանի անձնաւորութեան մասին: «Ազդակ»-ը վերջին տարիներուն, արաբական աշխարհի լրատուադաշտէն ներս մուտք գործելու անհրաժեշտութենէն մեկնած, ունեցաւ «Ազդակ արաբերէն»-ը: Այս բաժանմունքին կ՛անդրադառնայ «Ազդակ արաբերէնի»-ի խմբագիր Նորա Արիսեան:

Այնուհետեւ, Սիլվի Աբէլեան համառօտ կերպով կը ներկայացնէ տեղական գրախանութներու կարծիքը` «Ազդակ»ի 90-ամեակին առիթով:

Այս բաժինին կը յաջորդէ յուշագրական յօդուածներու շարք մը, որ կարծիքներու եւ ապրումներու վերբերումով կ՛արթնցնէ յուշեր եւ լուսարձակի տակ կը բերէ «Ազդակ»-ի էական դերն ու անոր յարկին տակ աշխատելու անկրկնելի հաճոյքը:

Բացառիկին մէջ յատուկ տեղ յատկացուած է «Ազդակ»ի խմբագրութեան մաս կազմած եւ թերթին մէջ զանազան պաշտօններ վարած, յօդուածներ ստորագրած, էջեր խմբագրած գործակիցներու անուանացանկին:

Հատորը կ՛աւարտի ներկայ ընտանիքը ներկայացնող պատկերազարդ էջերով:

Պատմութեան անդաստանին մէջ տեղադրուած այս կոթողը, հայ մամուլի առաջատար ներկայացուցիչին` «Ազդակ»-ին երկարամեայ ու չընդհատուող երթին վկայութիւնն է: Գովելի հրատարակութիւն մը, որ լոյսին բերուած է մասնագիտական բծախնդիր մօտեցումով:

Բարի երթ «Ազդակ»-ին` դէպի լուսաշող հարիւրամեակ:

 

Լռութեամբ Պատգամ Փոխանցող Դաշնակցականը (Ժիրայր Շոքոյեանի Յիշատակին)

$
0
0

Սիրելի՛ ընկեր Ժիրօ,

Մահէդ ետք անդրադարձայ, որ  դժուար է նկարագիրդ թուղթի յանձնել: Ոչ թէ անոր համար, որ դուն ունեցած ես յարատեւ գործունէութիւն եւ կամ բազմաթիւ ժողովական ելոյթներ, այլ` հակառակը, քու երբեմնի գործունէութեանդ ընդմէջէն դուն կը հաւատայիր գործին, ոչ թէ գործողի տեսակէտին եւ ոչ թէ տեսակէտ դրսեւորողին, գաղափարին, եւ ոչ թէ` գաղափարի դրօշակիրին:

Կուսակցական գործելաոճի քու այս դժուար ընտրանքդ նկարագրային գիծդ էր կարծես, յատուկ ու վայել` միայն քեզի:

Իբրեւ արդար խոստովանութիւն, մենք մեր առաւելագոյն ճիգը ի գործ դնելով հանդերձ, պիտի չկարենանք կուսակցական գործունէութիւն ծաւալելու ընթացքին մեր եսը փոքրացնել այնքան, որքան դուն փոքրացուցիր միշտ:

Մնայուն գործունեայ չէիր, բայց երբ գործ կը ստանձնէիր, գործը կը ճառագայթէր, բայց գործը գլուխ հանողը հասցէ չունէր: Մենք` ընկերներդ, եթէ իմանայինք, այդ ալ` պատահաբար, որ այս գործին ետին կը կանգնէր Ժիրոն: Քեզի համար գործի յաջողութեան վարկը հաւաքականութեան կը պատկանէր եւ ոչ թէ` գործը ստանձնողին:

Հազուադէպ էին ժողովական ելոյթներդ, բայց հարցերու նկատմամբ տեսակէտդ հաստատ եւ անզիջող էր: Տեսակէտներդ լռութեամբ արտայայտելու իւրայատուկ ոճ ունէիր: Բաւ է, որ մեր աչքերուն նայէիր, ու մենք կը հասկնայինք, թէ մենք շեղած կամ սխալած էինք մեր տեսակէտներուն մէջ, ոչ թէ անոր համար, որ մեզի նայող աչքերը խօսուն էին եւ կամ խիստ, ընդհակառակը, ժպտուն էին անոնք, բայց այդ աչքերուն տէրը իր գործով ու կեցուածքով տուած ու փոխանցած էր իր հաստատ տեսակէտը:

Ամրօրէն կառչած էիր դաշնակցական գաղափարախօսութեան, Դէպի հայրենիք կոչին առաջնահերթ ընդառաջողներէն մէկն էիր: Քեզի համար Հայաստանը միակ ու վերջնական հայրենիքն էր, բայց ափսո՜ս, որ քու երազած միակ ու վերջնական հայրենիքիդ մէջ ապրեցար կարճ ժամանակ:

Իսկ քու անբացատրելի ընկերասիրութիւնդ նման էր քու դաշնակցական գործունէութեանդ ծաւալման եղանակին: Հոն չկային փաղաքշական արտայայտութիւններ, կար լուռ ընկերասիրութեան կեցուածքի դրսեւորում, այնքան, որ քու անձէդ շատ բան զիջելով` տուիր ընկերոջդ եւ այս տուածիդ մասին դուն անգամ չիմացար:

Սիրելի՛ ընկեր, սրամիտ կատակներուդ կարօտը տանիլ կարելի է, բայց մեր իրականութեան մէջ քու բացակայութիւնդ անտանելի է:

Այսօր քու մարմինդ կը յանձնենք հայրենի հողին` այնպէս, ինչպէս քու երազանքդ էր: Մահէդ ետք մեզի կը մնայ քու կուսակցական յատուկ գործելաոճդ փոխանցել նորահաս սերունդին` որպէս դաշնակցական օրինակելի գործելաոճ: Իսկ քու ընկերասիրութեան յուշերդ այս աշխարէն հեռացող քու վերջին ընկերդ իրեն հետ կը տանի գերեզման` հոն վերադարձնելու քեզի իբրեւ մեծ ընկեր:

Հողը թեթեւ գայ վրադ ու յիշատակդ մնայ  անթառամ, աննմա՛ն ընկեր:

ՍԳԱԿԻՐ ԸՆԿԵՐ ՄԸ

«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Ո՛չ Ստրկութեան, Ո՛չ Ազգայնամոլութեան Եւ …Ո՛չ Խեղկատակութեան

$
0
0

Նոյնքան ահաւոր եւ աններելի էին Սպիտակ տան վարձակալ Տոնըլտ Թրամփի յայտարարութիւններն ու արտայայտութիւնները` օգոստոս 12-ին Չարլոցվիլի (Վըրճինիա) մէջ պատահած խռովութիւններուն մասին, որքան` նոյնինքն դէպքերուն իրադարձութիւնները:

Քանի մը օրերու, նոյնիսկ քանի մը ժամերու ընթացքին նախագահ Թրամփ կատարեց հակասական եւ հակադրական յայտարարութիւններ` գլխապտոյտ յառաջացնելով դէպքերու իրադարձութիւններուն հետ քայլ պահող տեղւոյն քաղաքացիին մօտ:

Չարլոցվիլի բնակիչին համար յստակ էր ամիսներէ ի վեր, որ շրջանին մէջ որոշ ազգայնամոլ եւ յատկապէս սպիտակամորթ ընտրանիի մը մօտ ընդվզումի ալիք եւ կիրք ստեղծուած էր, երբ տեղւոյն քաղաքապետութիւնը որոշած էր քակել շարունակ ստրկութեան ի նպաստ պայքարած զօրավար Ռապըրթ Լիի (1807-1870) արձանը:

Նմանօրինակ որոշումներ տրուած էին նաեւ ստրկութեան մայրաքաղաք Նիւ Օրլինզի մէջ, եւ քանի մը արձաններ «չէզոքացուած» եւ «չքացած» էին` մասամբ մը մոռցնել տալով Միսիսիփիի ափի այս քաղաքէն դէպի հիւսիս փոխադրուող ստրուկները, որոնք դաժան պայմաններու տակ երբեմն նոյնիսկ հոգինին կ՛աւանդէին` դեռ իրենց փոխադրող նաւը որոշեալ վայրը խարիսխ չնետած:

Նկատի ունենալով տեղւոյն բնակչութեան եւ տիրող մտայնութեան պայմանները` հաւանաբար Նիւ Օրլինզի արձանները քակելու այս գործընթացը համեմատաբար աւելի խաղաղ պայմաններու տակ ընթացած էր:

Չարլոցվիլի մէջ ստեղծուած պատկերն ու գոյութիւն ունեցող կիրքը տարբեր էին, ուր ծայրայեղականներ ոչ թէ խաղաղ ցոյցի ժամանած էին, այլ եկած էին արեան գնով իրենք զիրենք պարտադրելու եւ յայտնելու, որ իրենք չեն կրնար փոխարինուիլ, մէկ խօսքով, ստրուկը դառնալով իրենց անհիմն եւ անհեթեթ ստրկաբանութեան:

Այս ծայրայեղականները աւելի թեւեր ստացան, երբ նախագահ Թրամփ իր անտեղի, մակերեսային եւ նոյնիսկ թեթեւսոլիկ յայտարարութիւններ կատարելով իր նախասիրած գործելաձեւով` թայլայլիչով (twitter), յաւելեալ բեւեռացում եւ պայթուցիկ կացութիւն ստեղծեց:

Մերթ քննադատելով ցուցարար երկու կողմերը եւ մերթ հաստատելով, որ ծայրայեղ աջակողմեաններուն մէջ կարգ մը ցուցարարներ պարզապէս եկած էին ի յարգանս իրենց ազգային հերոս զօրավար Ռապըրթ Լիի, Միացեալ Նահանգներու նախագահը կատարած էր իր իւրայատուկ «թրամփութիւն»-ը եւ ինկած էր արդի լրատուամիջոցներու ծուղակին մէջ` գլխապտոյտ յառաջացնելով նոյնիսկ իր պաշտօնէութեան մօտ:

Դժուար է քայլ պահել նախագահ Թրամփի յայտարարութիւններուն կամ խեղկատակութիւններուն հետ: Անոր վերոյիշեալ յայտարարութիւնը վերլուծելով եւ զուգահեռ  մը ստեղծելով` արդեօ՞ք իննսունականներուն կարելի պիտի ըլլար կլլեցնել Խորհրդային Միութեան տիրապետութեան տակ ստրկացած բնակիչը, թէ ժամանած էր ի յարգանք Լենինի կամ Ստալինի եւ ոչ թէ անոնց վիթխարի արձաններու փլուզման արարողութեան…

Եթէ նախագահ Թրամփ բաւական մը կարդացած ըլլար զօրավար Ռապըրթ Լիի կեանքին մասին, հաւանաբար այս արիւնահեղութիւնն ու կիրքը արդէն իսկ «մարած» կրնային ըլլալ: Արդարեւ, նոյնինքն զօրավար Լին քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ետք յայտարարած էր, թէ ոչ մէկ արձան կամ յուշակոթող պէտք է կառուցել այդ նիւթին առնչութեամբ, պարզապէս երկրէն ներս յաւելեալ բաժանում չյառաջացնելու համար:

Վերադառնալով Սպիտակ տան, արդեօք ո՞վ պիտի պաշտօնազրկուի կամ հրաժարի: Արդեօք ժամանակը չէ՞ հասած նոյնինքն վարձակալին:

17/08/2017

Անդրադարձ. Ողջմտութեան Ու Ահաւոր Այլընտրանքին Թելադրանքը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Հակառակ դրացի երկիրներու եւ մեծ տէրութիւններու ընդդիմութեան, տողատակի սպառնալիքներուն ու զգուշացումներուն, Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի շարունակ կը պնդէ, որ մարզի Իրաքէն անկախութեան շուրջ 25 սեպտեմբերին նախատեսուած հանրաքուէն պիտի չյետաձգուի, անկէ ետդարձ պիտի չկատարուի, ատիկա քիւրտերուն բնական իրաւունքն է, այդ որոշումը անդառնալի է եւ եթէ ատիկա խոչընդոտուի, ապա պատճառ պիտի դառնայ նոր արիւնալի պատերազմի:

Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան շուրջ հանրաքուէն, սակայն, այն սուրն է, որ Էրպիլ մերթ ընդ մերթ կը ճօճէ Պաղտատի դիմաց, անկէ զիջումներ կորզելու համար: Հակառակ քրտական կողմին կատարած հնչեղ յայտարարութիւններուն, կը թուի, թէ այդ կանոնը չէ փոխուած եւ այս անգամ եւս նոյնն է պարագան:  Պարզանի 17 օգոստոսին նշեց, որ կրնայ  «յետաձգել» հանրաքուէն, եթէ Պաղտատ կատարէ կարգ մը պայմաններ, ինչպէս` նաւթի վաճառքէն գոյացած գումարներէն քրտական մարզին շահաբաժինի ամբողջական վճարումը եւ կառավարութեան ու բանակին մէջ խոստացուած պաշտօններուն յանձնումը քիւրտերուն: Այժմ Պաղտատի եւ Էրպիլի միջեւ տեղի կ՛ունենան բանակցութիւններ: Պարզանիի նպատակը առայժմ քրտական մարզի տէ ֆաքթօ անկախութեան ամրապնդումն է եւ ոչ թէ անոր տէ ժիւրէ ամրագրումը:

Միւս կողմէ, ՏԱՀԵՇ-ի դէմ արձանագրուած յաղթանակներէն աւելի ինքնավստահ դարձած Իրաքի իշխանութիւնները ձանձրացած են քրտական իրերայաջորդ շանթաժներէն  եւ անոնցմէ դասեր քաղած: Անոնք հաւանաբար կը հաւատան, որ քիւրտերը, ինչպէս միշտ, մետասաներորդ պահուն ետդարձ պիտի կատարեն հանրաքուէի որոշումէն, մասնաւորաբար Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան շուրջ հանրաքուէի միջազգային  մերժումին լոյսին տակ. յստակ մերժում մը, որ կու գայ ամրապնդելու Պաղտատի բանակցային դիրքը:

Հիւսիսային Իրաքի քրտական իշխանութիւններուն կողմէ նշանակը այսքան բարձրացնելը, սակայն, վտանգաւոր խաղ մըն է: Իրաքեան իշխանութիւններուն սառնասրտութեան պարագային հանրաքուէի ժամկէտը որքան մօտենայ, այնքան կը տկարանան քրտական իշխանութիւններուն դիրքն ու ջիղերը: Պաղտատի անզիջող կեցուածքին կամ դատարկ խոստումներուն պարագային անոնք կրնան յաչս իրենց ժողովուրդին վարկաբեկուիլ: Պէտք չէ մոռնալ, որ Էրպիլի իրերայաջորդ այս շանթաժները` անկախութեան հանրաքուէի պատրաստուիլն ու անկէ ետդարձ կատարելը քիւրտ բնակչութեան մօտ կը ստեղծեն ակնկալութիւններ եւ իրերայաջորդ յուսախաբութիւններ, ինչ որ կրնայ նպաստաւոր ըլլալ նախ եւ առաջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան եւ նուազ չափով իսլամական թեքում ունեցող քաղաքական խմբաւորումներուն համար:

Տիրող կացութեան մէջ փոխզիջումային լուծումն ու հանրաքուէի յետաձգումը անխուսափելի է, որովհետեւ այլընտրանքը քրտական ինքնավարութեան արիւնալի կորուստն է, ինչ որ մեծ հարուած մը պիտի ըլլայ քրտական դատին եւ այդ ծիրին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն: Հարուած մը, որ պիտի արձագանգէ նաեւ Թուրքիոյ եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ: Այլընտրանքին ահաւորութիւնը կ՛երաշխաւորէ փոխզիջումային լուծման անխուսափելիութիւնը: Առնուազն այդ կը թելադրէ ողջմտութիւնը:

 

 

Ակնարկ. Ամերիկեան Հետեւողականութիւն Գ. (Պոլսահայութեան Ընկալումը)

$
0
0

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան զեկուցումը Պոլսոյ պատրիարքութեան առնչութեամբ կը յայտնէ, որ պետութիւնը կը փորձէ միջամտել  ընտրութիւններուն:

Հաստատումը անշուշտ բացասական շեշտ ունի, հետեւաբար նաեւ քննադատական:

Անգարայի իշխանութիւններուն միջամտութիւններուն դէմ բողոքող պոլսահայ շրջանակները սակայն, անպայման դրական չեն ընկալած Ուաշինկթընի կատարած պաշտօնական այս յայտարարութիւնները:

Պարզ ձեւով անոնց խօսափողներէն համարուող «Ակօս»-ի խմբագիրը, օրինակ, շատ սառն տրամաբանութեամբ առողջ մեկնաբանութիւն կատարած է յայտարարուածին մասին: Այսպէս. ան նշած է, որ Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կրօնական փոքրամասնութիւններու մասին տեղեկատուութիւնը կը ստանայ դեսպանատուներէն: Իսկ վերջինները կապի մէջ են տարբեր երկիրներու մէջ եղած կրօնական կազմակերպութիւններու հետ: Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն Պոլսոյ պատրիարքարան գացած են, քննարկած  են խնդիրները, եւ իրենց տեղեկագիրներով տեղեկութիւնները փոխանցած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան: Թուրքիան արդէն անտարբեր դարձած է իրեն ուղղուող քննադատութիւններուն նկատմամբ, եւ ի հեճուկս անոնց կը շարունակէ վարել անհանդուրժողական քաղաքականութիւն:

Զեկուցումին առնչութեամբ «Ակօս»-ի խմբագիրին տուած մեկնաբանութիւնները կ՛ամփոփուին հետեւալ կէտերուն մէջ.

ա. Զեկուցումին, բնականաբար, ոչ մէկ քայլ պիտի յաջորդէ: Եղածը  ընդամէնը քննադատութիւն  է:

բ. Անհաւանական է, որ Միացեալ Նահանգները աջակցութիւն ցուցաբերեն այս հարցով եւ ցանկալի ալ չէ, որովհետեւ հայերը այս երկրին քաղաքացիներն են, եւ ուրիշները պէտք չէ անոնց խնդիրները լուծեն:

գ. Մենք պէտք է մեր դժուարութիւնները յաղթահարենք, մեզի համար ընդունելի է, որ մենք օրինաւոր պայքար տանինք մեր իրաւունքներուն համար:

«Ակօս»-ի խմբագիրը իրօք շատ սթափ գնահատական կատարած է:

Կարելի է  առարկել անշուշտ, որ «Ակօս»-ի կատարած արժեւորումը ամբողջ պոլսահայութեան համոզումը կամ ընկալումը չէ: Բայց «Ակօս»-ը այս պարագային ամէնէն բարացուցականն է, որովհետեւ ամէնէն համարձակ խօսափողն է:

Թէ՛ Կեզի այգիի, թէ՛ Արմէն ճամբարի եւ թէ՛ ընդհանրապէս Թուրքիոյ հասարակութեան վերաբերող քաղաքացիական շարժումներուն մէջ հայկական ամէնէն յառաջատար ձայներէն համարուած «Ակօս»-ը իր հրապարակած լրատուութիւններով, մեկնաբանական ու առաջնորդող յօդուածներով ու հարցազրոյցներով` հայատառ եւ թրքերէն տարբերակներով ապահովեց հարցերուն ամէնէն լսելի հնչեղութիւնը:

Հիմա անոր գլխաւոր խմբագիրը մէկ կողմէ կը շարունակէ քննադատել էրտողականական վարչակարգի միջամտութիւնները, միւս կողմէ հրապարակային ձեւով դէմ կ՛արտայայտուի արտաքին միջամտութիւններուն:

Այս մեկնաբանութեան մէջ համարեա իմաստազրկուած է Միացեալ Նահանգներու  արտաքին գործոց նախարարութեան զեկուցումի բաժինը: Յստակօրէն կ՛ըսուի, որ ամերիկեան այս քննադատութիւնները որեւէ հետեւանք պիտի չունենան Թուրքիոյ իշխանութիւններուն համար, որոնք կ՛անտեսեն նման մեղադրանքներ: Աւելի՛ն. այս բոլորը պիտի մնան յայտարարողական մակարդակի վրայ եւ հայ համայնքը որեւէ աջակցութիւն պիտի չնկատէ Ուաշինկթընի կողմէ. ո՛չ միայն պիտի չակնկալէ, այլ նաեւ ցանկալի ալ չէ, որ Ուաշինկթընը նման աջակցութիւն ցուցաբերէ:

Ուղերձները յստակ են: Եւ այստեղ եզրակացութիւնն է կարեւորը: Պոլսահայ համայնքը իբրեւ թրքական հասարակութեան բաղադրատարր, պիտի շարունակէ իր պայքարը իր իրաւունքները ձեռք ձգելու համար: Օտար միջամտութիւնները եւ այս պարագային ամերիկեանը մերժելի են կտրականապէս:

Եթէ մէկ կողմէ այստեղ գոյութիւն ունի շահարկման նիւթի չվերածուելու գաղափարը, միւս կողմէ սակայն կայ նաեւ էրտողանական վարչակարգի անկանխատեսելի հակազդեցութիւններու վախը, ինչ որ ներկայ պայմաններուն մէջ աւելի քան հասկնալի է:

Թուրքիոյ պայմաններու իւրայատկութիւններուն իրազեկ մարդն է, որ ներքին առումով իր համարձակախօսական սկզբունքները պահելով, հիմնովին կը մերժէ արտաքին միջամտութիւնը. մանաւանդ որ գիտակից է, թէ անպայման այս անգամ թրքական կողմէն պիտի գայ շահարկումը` oտար ուժեր կ՛ուզեն մասնատել Թուրքիան, պառակտել հասարակութիւնն ու պետութիւնը եւ այդ քաղաքականութեան համար կ՛օգտագործեն փոքրամասնութիւնները:

Եւ պէտք է մտածել անշուշտ, որ այն ինչ որ ձեռք բերաւ մինչ այժմ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ փոքրամասնութիւնը որքանո՞վ արդիւնք էր նոյնինքն համայնքի տարբեր հոսանքներու ներկայացուցիչներուն տարած աշխատանքներուն, եւ որքանո՞վ` որոշ փուլի մը դէպի Եւրոպա սուրալ փորձող իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան:

Հիմա, պայմաններու կտրուկ փոփոխութիւն կայ .գէթ այս փուլին, որ կրնայ նաեւ փոխուիլ յառաջիկային: Այս պահուն սակայն յենիլ արտաքինին վրայ փոխելու համար ներքինը` արկածախնդրութեան տարողութիւն կրնայ ստանալ: Յայտնաբար այս գիտակցական մօտեցումին հիման վրայ կառուցուած են ամէնէն համարձակախօս խօսափող համարուող շրջանակներու սթափ գնահատականները` պաշտօնական Ուաշինկթընի կողմէ կրօնական ազատութեան կարգախօսին տակ յայտարարուած քննադատութիւններուն եւ պահանջներուն:

«Ա.»


Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Հայ Ընտանիք Եւ Հայ Մանուկ». Անընկճելի Միութիւն

$
0
0

ՊԵՏԻԿ

«Ընտանիքի բազմացման ֆոնտ»-ն ու «Հայ մանուկի ֆոնտ»-ը արդէն կը սահմանեն մեր ազգային կեանքի  ուշադրութեան ամէնէն կարեւոր առարկաները` հայ ընտանիքի բազմացումը եւ հայ մանուկը ու անոնց կարեւորութիւնը` մեր ազգի գոյատեւման մէջ:

Հայ մանուկը, որ ընտանիքին հրաշք-պարգեւն է, ազգին կազմութեան բջիջն է, որ ճիշդ ու հայեցի դաստիարակութեամբ, կ՛երաշխաւորէ ազգին գոյատեւումը, մանաւանդ, սփիւռքի մեր մեծ ու փոքր գաղութներուն համար:

Ընտանիքը, որուն հովանիին տակ հասակ կ՛առնէ երեխան, իր առաջին դաստիարակութիւնը կը ստանայ իր ծնողքէն ու կը թրծուի ազգայնօրէն մեր ակումբներուն մէջ` դառնալու համար գաղութին մէջ օգտակար եւ գործուն անդամ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին այս ֆոնտերը` «Ընտանիքի բազմացման ֆոնտ»-ն ու «Հայ մանուկի ֆոնտ»-ը, հաւատացէ՛ք, իրենց առաքելութեան մէջ մեր ուսերուն կը դնեն պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը` ապահովելու իրենց երկարակեցութիւնը:

Երկու շաբաթ առաջ իմ շատ մտերիմ եւ սիրելի դասընկերներէս Խաչիկ Թէօլէօլեանը Միացեալ Նահանգներէն ինծի ուղարկեց «Հայրենիք» ամսագիրի 1962 մայիսի թիւին մէջ հրատարակուած յօդուած մը` «Հայրենասէր ընտանիք մը» վերնագիրով. իմ ընտանիքիս մասին այս էջը կ՛եզրափակէ` խօսելով իմ ծերունի մեծ հօրս մասին, որ եղած էր Խարբերդի ՀՅԴ ԿԿ-ի անդամ եւ շրջուն գործիչ, որ կ՛ըսէ. «… Երիտասարդ չեմ, բայց կ՛ապրիմ մեր ժողովուրդի տառապանքով, եւ ինչ որ ես չեմ կրնար ընել, Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ ընել…»: Այս խօսքերը ըսուած են աւելի քան եօթանասուն տարի առաջ, եւ Դաշնակցութիւնը` հաւատարիմ ու գիտակից, այսօր իր պարտականութիւնը կը կատարէ խոր հաւատքով եւ հեռատեսութեամբ: Կը հիմնէ, կը նախաձեռնէ ու կ՛երաշխաւորէ այս առաքելութեան արդար եւ անաչառ գործադրութիւնը, բայց մենք` իբրեւ բաղադրիչ մասնիկները մեր գաղութներուն, պէտք է ապահովենք անհրաժեշտ եւ անսպառ աւիւնը այս բաբախող սրտին:

Անհերքելի իրականութիւն է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը աշխարհի ամէնէն երկարակեաց քաղաքական կուսակցութիւններէն է` շնորհիւ մեր ժողովուրդի անխախտ հաւատքին ու նուիրուածութեան: Նաեւ իրականութիւն է, որ Դաշնակցութիւնը իր գոյատեւման սնունդը կ՛առնէ իր մեծածաւալ համակիրներէն:

Հետեւաբար կ՛եզրակացնենք, որ գործուն ու անսակարկ մասնակցութիւնը պէտք է բերենք «Հայ ընտանիքի բազմացման» եւ «Հայ մանուկի ֆոնտ»-ին, որպէսզի ամէն մէկ հայ մանուկ դառնայ Վահագն մը` ի վիճակի պայքարելու արդի աշխարհի խոչընդոտներուն դէմ, զինուած` իր հայեցի դաստիարակութեամբ եւ բարձրագոյն ուսումով, զօրավիգ ունենալով մեր անխոնջ կազմակերպութիւնը:

 

 

Փոքր Յուշեր Պօղոս Սնապեանէն

$
0
0

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Գրութիւնս չեմ ուզեր սկսիլ` ներկայացնելով Պօղոս Սնապեանը, որովհետեւ անոր մեծութիւնը ներկայացնող զանազան «մեծ գրիչներ» գրեցին թէ՛ կենդանութեան, եւ թէ՛ յետմահու: Սակայն տողերուս համեստ հեղինակը բախտը ունեցած է զայն ճանչնալու, անոր հետ կարճ պահեր ապրելու, համով-հոտով անոր զրոյցը ըմբոշխնելու:

Կը սկսիմ վերջինէն:

Մօրեղբօրս` Երջանիկ Կարպուշեանի մահուան քառասունքին, անակնկալօրէն Քեսապ եկան Պօղոս Սնապեանն ու կինը` Աղաւնին:

Անակնկալի եկանք, երբ իմացանք (հոգեճաշի սեղանին), թէ մօրեղբայրս Պ. Սնապեանի մէկ գիրքի հրատարակութեան հովանաւորն էր:

Այդ ժամանակ անարժանաբար Համազգայինի Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ էի, եւ ոսկի առիթ մըն էր Սնապեանին հետ ըլլալ: Եւ եղանք միասին: Գուցէ նաեւ աշխարհագրական նոյն շրջանի զաւակներ ըլլալով (Քեսապ եւ Մուսա Լեռ)` յատուկ արեան անզգալի ու անբացատրելի կապ մը կար մեզ իրարու մօտեցնող (անկախ իր գրականագէտի, խմբագիրի… եւ նուաստիս սկսնակ գրագէտի կապէն):

Անկէ առաջ, դժուար պայմաններու մէջ զիրար ճանչցանք:

Հազիւ քսան տարեկան էի, լիբանանեան պատերազմի մէկ-երկու փուլով, հայահոծ Պուրճ Համուտը ռմբակոծումի ենթարկուեցաւ, եւ ընկեր Սնապեանը, ընկերակցութեամբ հանգուցեալ սկսնակ ու խոստմնալից բանաստեղծ Պետիկ Հերկելեանին (զոր կը ճանչնայի Համազգայինի Լիբանանի Հայագիտական հիմնարկէն), միասնաբար Քեսապ եկան, մնացին մօտ մէկ ամիս, բարեկամի մը տունը (բանասէր Միհրան Մինասեանի), որ մէկ սենեակնոց տնակ մըն էր, ուրեմն, կարծեմ,  հանգուցեալ Պետիկը, տան բակը, վրանի մը տակ կը քնանար:

Անոնց հետ քանի մը անմոռանալի գրական երեկոներ անցուցի Միհրանին հետ միասնաբար:

Սակայն կարեւորագոյն հանդիպումս եղաւ 1980-ին, Հալէպ, «Քրիստափոր» ուսանողական միութեան սրահին մէջ:

Որպէս ուսանողականի անդամներ` հաւաքուած էինք տօնախմբելու Քրիստափոր Միքայէլեանի ծննդեան 120-ամեակը (կարծեմ  չեմ սխալիր):

Օրուան բանախօսն էր Պօղոս Սնապեանը: Աւարտեցաւ բանախօսութիւնը, աւարտեցաւ նաեւ յիշատակի երեկոն:

Մենք ոչ օրինական կը հրատարակէինք «Կորիզ» խորագիրով պարբերաթերթ մը, որուն խմբագրութեան մաս կը կազմէր տողերուս հեղինակը:

Եւ որպէս խմբագրական կազմ` ուզեցինք հարցազրոյց մը ունենալ ընկեր Սնապեանին հետ, զոր յօդուածներէն եւ գիրքերէն կը ճանչնայինք: Նուաստս զինք կը ճանչնար «արեան կանչով»` իբրեւ մուսալեռցի-քեսապցի:

Այժմ ի վիճակի չեմ յիշելու, թէ ի՛նչ էր թեման մեր հարցազրոյցին: Սակայն հարցազրոյցը երկարեցաւ, եւ մենք 2-3 ժամ անցուցինք` զինք ունկնդրելով:

Իմացանք, որ անոր գրական նախաքայլերը սկսած են Երուսաղէմի վանքի Ժառանգաւորացի միջավայրէն, ապա «Նայիրի»-ն եղած է անոր ասպարէզը, Անդրանիկ Ծառուկեանին եւ Եդուարդ Պոյաճեանին հետ:

1950-ական թուականներուն (ճշգրիտ չեմ գիտեր) ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, հանգուցեալ ընկ. Վահան Նաւասարդեան կու գայ Պէյրութ` Եգիպտոսէն:

«Նայիրի» գրական շրջանակէն վերոյիշեալները կ՛երթան Վ. Նաւասարդեանին մօտ, գրականութեան համար, մշակոյթին համար… «Նայիրի»-ին համար: Կրակոտ երիտասարդներ: Մշակոյթի եւ գրականութեան ծառաներ… Ունին պահանջներ. (չիմացայ պահանջներուն «բովանդակութիւնը»)… կը խօսին… կը հակաճառեն… կը վիճին:

Շատ բնական ու պարզ երեւոյթ:

Սերունդներու մտայնութիւն, քաղաքական-մշակութային միտքերու մակընթացութիւն եւ տեղատուութիւն…

Սակայն պահ մը կը հասնի, երբ Ծառուկեան Նաւասարդեանին կը յայտնէ.

– Եթէ մեր պահանջներուն գոհացում չտաք, ապա մենք դուրս կու գանք Դաշնակցութենէն:

Նաւասարդեան անոնց կը պատասխանէ, թէ շատեր մուտք գործած են Դաշնակցութեան շարքերը եւ  ապա` դուրս եկած:

Սնապեան կը պատմէ.

«Դուրս կու գանք գրասենեակէն, քանի մը քայլ կը քալենք, կանգ կ՛առնենք, մինչեւ «Նայիրի»-ի խմբագրատուն, ամէն կանգառի Ծառուկեան կը բացագանչէ.

«Տօ՛, մենք գացինք պահանջներ ներկայացնելու, չգացինք դուրս գալու…»:

Եւ այդպէս` մինչեւ խմբագրատուն:

Սնապեան կ՛աւելցնէ.

«Ու յանկարծ մենք դուրս մնացինք մեր տունէն` Հայ յեղափոխական դաշնակցութենէն:

«Ե. Պոյաճեան չդիմացաւ «դուրսի» ցուրտին: Շուտով վերադարձաւ շարքերը:

«Ես տասնութ տարիներ դուրս մնացի ՀՅԴ-ի շարքերէն, միտքերս կ՛արտագրէի գրքոյկներու մէջ, ու անձնական ծախսերովս զանոնք կը տպէի: Տպեցի գրքոյկ մը մայիս 28-ի պատմական արժէքին ու խորքին մասին: Ու այդ առիթով հրաւէր ստացայ օրուան կուսակցական պատասխանատուէն (չբացայայտեց անոր անունը)` հետը հանդիպում ունենալու. ան յաջողեցաւ կոտրել «լեռնականի» յամառութիւնս` յիշեցնելով Ն. Աղբալեանի նշանաւոր նախադասութիւնը.

«Ան, որ չի կրնար իր անձնական «ես»-ը դնել Դաշնակցութեան ոտքերուն տակ, ան չի կրնար մնալ Դաշնակցութեան շարքերու մէջ»:

«Եւ ես անձնական «ես»-ս դրի անոր ոտքերուն տակ ու վերադարձայ շարքերը»:

«Իսկ «Նայիրի»-ին հետ խզումս չուշացաւ, երբ Ծառուկեանի խմբագրատունը սկսան երեւիլ ինծի համար անընդունելի անձեր` առնչուած այս կամ այն հաստատութեան կամ գրասենեակին…»:

Արդեօ՞ք այս դէպքն էր ներշնչումը «Վերջին անմեղը» գիրքին:

Ուշ մնացած ենք կարծեմ:

Սակայն անոնք` Ծառուկեան, Սնապեան եւ Պոյաճեան բարձունքներ կը մնան մեր գրականութեան մէջ:

Վերջին հաշուով, մարդս սխալական արարած մը ըլլալով, «անմեղ» չի կրնար ըլլալ:

Գրութեանս խթանը եկաւ Դիմատետրի  էջերէն, ուր յանկարծ սկսաւ արծարծուիլ ու «քննարկուիլ» Բեգլար Նաւասարդեանի մահուան առեղծուածը, գուցէ նաեւ` շուք ձգելու (չուզեցի մուր բառը գործածել) Դաշնակցութեան վրայ:

Պօղոս Սնապեանի հրատարակութիւններէն մին կը կրէ «Ինչպէ՞ս հայհոյեմ» խորագիրը:

Գրագէտին անմահութեան վէմը իր երկերն են:

Քեսապ, 7 օգոստոս 2017

 

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Ամերիկահայերը գիտէին, որ իրենք մեծ յաղթանակ տարած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ, երբ Թեքսաս դարձաւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Ամերիկայի 46-րդ նահանգը: Սակայն անոնք չէին գիտակցեր, որ Թեքսասի ճանաչումը կործանարար ազդեցութիւն ունեցած է այդ նահանգի թրքական համայնքի լոպիիստական ջանքերուն վրայ:

Turkishnews.comի մէջ հրապարակուած յօդուածով մը դոկտոր Ֆերուհ Տեմիրմեն բացայայտեց յուսահատութեան այն աստիճանը, որ ինք եւ իր թուրք ընկերները ապրած են Թեքսասի մէջ, երբ նահանգի Ներկայացուցիչներու տունը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը 2017 մայիս 19-ին: Շատ յաճախ չենք հանդիպիր թուրք լոպիիստի մը, որ կ՛ընդունի իրենց կողմի ջախջախիչ պարտութիւնը հայ համայնքին կողմէ:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունման համար Տեմիրմեն սկիզբը կը մեղադրէ իր թուրք ընկերները` «թրքական անտարբերութեան եւ կրաւորականութեան տարիներուն համար, համադրուած` հայկական յարձակողականութեամբ եւ արեւմտեան նախապաշարումներով»: Ան նաեւ կ՛ընդունի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին աշխուժութիւնը` «քաղաքային հանդիպումներուն ընթացքին հայ գործիչներու մասնակցութեամբ շրջայցեր կազմակերպելու, նահանգի ընտրուած պաշտօնատար անձերուն կարգով այցելելու» եւ` «Տալասի, Օսթընի եւ Հիւսթընի մէջ Հայ դատի յանձնախումբի մասնաճիւղեր ստեղծելու համար»:

Թուրք գործիչը Ցեղասպանութեան բանաձեւի յաջողութեան մէջ կ՛ընդունի նաեւ «Նահանգի ներկայացուցիչ Սքաթ Սենֆըրտի աջակցութիւնը, որ միաժամանակ Թեքսասի Մկրտչական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է»: Իր յօդուածին համար մեծածաւալ հետազօտութիւն ընելով` Տեմիրմեն կը յիշեցնէ, որ` «2016 ապրիլին Տալասի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած հանդէսին ներկայացուցիչ Սենֆըրտ արժանացած է «Արդարութեան պաշտպան» մրցանակի` «Հայոց ցեղասպանութեան մասին իրազեկութեան բարձրացման գործով իր ունեցած մեծ նուիրումին համար»: Հանդէսի ժամանակ կարդացուած է հանրապետական ծերակուտական Թետ Քրուզի նամակը` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, կը գրէ Տեմիրմեն:

2017 յունուար 26-ին Սենֆըրտ ներկայացուցած է Թեքսասի Ներկայացուցիչներու տան HR-191 բանաձեւը` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու  մասին: Բանաձեւը առաջին անգամ ներկայացուած է Առեւտուրի եւ միջպետական հարցերու յանձնաժողովին (TIAC), որ կոչ ըրած է ապրիլ 24-ին հանրային քննարկումներ կատարել Օսթընի մէջ գտնուող նահանգի խորհրդարանին մէջ: Տեմիրմեն ափսոսանք կը յայտնէ, որ Թեքսասի օրէնսդիրը «հրապարակային լսումներու համար ընտրեց ապրիլ 24-ը, որ խորհրդանշական օր է հայկական անհիմն պնդումներու համար, [ինչը] առաջին նշանն էր, որ TIAC հայամէտ է իր հայեացքներով»:

Տեմիրմեն դժգոհ է, որ` «լսումները լաւ համակարգուած էին Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին եւ ներկայացուցիչ Սենֆըրտի կողմէ, եւ ի տարբերութիւն հայկական կողմի, որ կանուխէն գիտէր լսումներու մասին, թրքական կողմը հանդիպման մասին տեղեկացած է միայն քանի մը օր առաջ»: Ասոր ի հետեւանք` լսումներուն մասնակցած է միայն վեց թուրք (հինգը Հիւսթընէն, մէկը` Տալասէն), մինչդեռ «հայկական կողմէն ներկայ էր մեծ բազմութիւն մը: Իբրեւ «դիտորդ» [TIACի մէջ]` ներկայ էր նաեւ Սենֆըրտ: Տեմիրմեն ափսոսանք կը յայտնէ, որ միայն չորս թուրք, ներառեալ` ինք, վկայութիւն տուած է յանձնաժողովին մէջ, մինչ թիւով 21 հայ տուած է վկայութիւն: «Հայկական կողմը հինգ անգամ աւելի հնարաւորութիւն ունէր իր տեսակէտը ներկայացնելու, քան` թրքական կողմը: Այսպիսով, հայկական կողմը լսումներու ժամանակ գերակշռեց ոչ միայն «ներկայութեան» առումով, այլ նաեւ` տուած վկայութիւններով», խոստովանած է Տեմիրմեն: «Հայկական կողմէն վկայութիւն տուողներու շարքին էին Թեքսասի Ողջակիզման եւ ցեղասպանութեան յանձնաժողովի եւ Հիւսթընի Ողջակիզման թանգարանի ներկայացուցիչները», կը տեղեկացնէ Տեմիրմեն: Բացի ատկէ, «հարիւրաւոր նամակներ ուղարկուած էին նահանգի օրէնսդիրներուն: Թիւով աւելի շատ հեռախօսային զանգեր եղած էին հայկական համայնքին կողմէ»:

Բանաձեւին դէմ վկայութիւն տուած թուրքերու առարկութիւններն էին.

1) «Թեքսասի օրէնսդիրներու անպատշաճ միջամտութիւնը` Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցերուն,

2) Վնասը, զոր բանաձեւը կրնայ հասցնել Թեքսասի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող առեւտրական յարաբերութիւններուն,

3) Բանաձեւին պառակտող դերը, եւ` ոչ միայն,

4) Փաստը, որ բանաձեւը վիրաւորական կը համարուի Թեքսասի թուրք բնակչութեան կողմէ», բողոքած է Տեմիրմեն:

Այս առարկութիւններէն եւ ոչ մէկը ազդեցութիւն ունեցած է TIAC-ի անդամներուն վրայ, որոնք ապրիլ 24-ին բանաձեւը միաձայնութեամբ ընդունեցին: Թեքսաս նահանգի Ներկայացուցիչներու տունը բանաձեւը ընդունեց մայիս 19-ին` կողմ քուէարկած 137 ձայներով հաստատելով զայն (ութ անդամ բացակայած է, հինգը ձեռնպահ մնացած է):

Բոլորովին յուսահատ` Տեմիրմեն այս արդիւնքը կը ներկայացնէ իբրեւ «Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ գլխաւորուած իրագործում աջակցութեամբ՝ Թեքսաս նահանգի Ներկայացուցիչներու տան: Թէեւ բանաձեւը իրաւական ուժ չունի, սակայն բազմաթիւ գործնական նպատակներու եւ լայն հասարակութեան համար անիկա հռչակագիր մըն է, որ օսմանեան թուրքերը կը նկատէ մեղաւոր` կատարուած սոսկալի ոճրագործութեան համար»:

Տեմիրմեն կը խոստովանի, որ` «թրքական արձագանգը HR-191-ին, առնուազն ստորին մակարդակի վրայ, թոյլ էր… Թուրքերը չեն կրնար մրցիլ հայերու հետ իրենց աշխուժութեամբ` «Ցեղասպանութեան» հարցի շուրջ… Թրքական կողմը միայն ինքզինք պէտք է մեղադրէ իր թուլութեան եւ անգործութեան համար»:

Թուրք գործիչը իր յօդուածը կ՛աւարտէ մեղադրելով ATA-Հիւսթընը (Ամերիկայի թրքական ընկերակցութիւն), որ ջանքեր չգործադրեց HR-191 բանաձեւը դիմակայելու համար: Ան խումբը կը կոչէ` «միասին ուրախ ժամեր անցընելու համար 1979 թուականին հիմնադրուած ընկերակցութիւն, որ հետաքրքրուած չէ Հայկական հարցով…»:

Թէեւ Տեմիրմեն կը մեղադրէ Թեքսասի թուրքերը` անոնց անգործութեան համար, սակայն իրականութեան մէջ միայն մէկ պատճառ կայ, որ բանաձեւը ընդունուեցաւ. որովհետեւ անիկա ճշմարտութիւնը կ՛ըսէ… Թեքսասի նահանգը վերջապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Սմիթսընի Հիմնարկին Յօդուածը` Երեւանի Մասին. «Ինչպէ՞ս Հնագոյն Հրաբուխները Ստեղծեցին Հայաստանի Վարդագոյն Քաղաքը»

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանին մօտենալու ընթացքին կրնաս նայիլ վերեւ եւ տեսնել հեռուն բարձրացող Արարատ լեռը, որ իր ստուերը կը ձգէ վարդագոյնի մէջ թաթախուած քաղաքին վրայ: Երեւանը յայտնի դարձած է իբրեւ Հայաստանի վարդագոյն քաղաք` նոյնինքն այդ տեսարանին շնորհիւ: Այս մասին գրած է Միացեալ Նահանգներու գիտահետազօտական եւ մշակութային մեծագոյն կեդրոններէն մէկը նկատուող «Սմիթսըն» հիմնարկին կայքէջը:

«Ինչպէ՞ս հնագոյն հրաբուխները ստեղծեցին Հայաստանի վարդագոյն քաղաքը» խորագիրը կրող յօդուածին մէջ նշուած է, որ քաղաքը իր ամէնէն վառ գոյնը կը ստանայ արեւածագին եւ մայրամուտին ու կը փոխուի օրուան ընթացքին` կապուած այն փաստին, թէ ո՛ր կողմէն կը շողայ արեւը:

Յօդուածի հեղինակ Ճենիֆըր Պիլոք նշած է, որ Երեւանը աշխարհի հնագոյն բնակեցուած քաղաքներէն մէկն է: «Երեւանի իւրայատուկ շինարարական քարը իրականութեան մէջ հրաբխային կարծրացում է, որ իր մէջ ունի վարդագոյնի զանազան երանգներ` բաց փասթելայինէն մինչեւ պայծառ` նարնջագոյնի երանգով: Գիտականօրէն անիկա կը կոչուի տուֆ` ժայթքումին պատճառով դուրս եկած հրաբխային մոխիրի սեղմուելուն պատճառով յառաջացած քար: Վարդագոյն տուֆը շատ քիչ հանդիպող երեւոյթ է, իսկ Երեւանը միակ մեծ քաղաքն է, որ կառուցուած է այդ քարով», գրած է Պիլոք:

Հայաստանի Օդակայաններու Ճամբորդներուն Հոսքը 28 Առ Հարիւր Աճած Է

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

Հայաստանի երկու օդակայաններու ճամբորդներուն հոսքը յունուար-յուլիս 2017 թուականին կազմած է 1.373.856 մարդ, որ 28 առ հարիւրով կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ամիսներու ցուցանիշը: Ըստ Հայաստանի կառավարութեան Քաղաքացիական օդանաւորդութեան գլխաւոր վարչութեան մամլոյ քարտուղար Սաթենիկ Յովհաննիսեանի, յուլիս 2017 թուականին Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ճամբորդներու հոսքը կազմած է 270.751 մարդ` 19 առ հարիւր գերազանցելով նախորդ տարուան նոյն ամսուան ցուցանիշը:

Յունուար-յուլիս 2017 թուականի, 2016 թուականին նոյն ամիսներուն համեմատ, «Զուարթնոց» օդակայանի ճամբորդներուն հոսքը արձանագրած է 24,7 առ հարիւր աճ:

«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ յունուար-յուլիս 2017 թուականի փոխադրութիւնը կազմած է 12.708 թոն ապրանք, որ 59,7 առ հարիւրով կը գերազանցէ 2016 թուականի նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշը: Յուլիս 2017 թուականին Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանի ճամբորդներուն հոսքը կազմած է 9098 մարդ` նախորդ տարուան նոյն ամսուան ցուցանիշը 15,63 առ հարիւրով գերազանցելով:

«Շիրակ» օդակայանին մէջ յունուար-յուլիս 2017 թուականի ճամբորդներուն հոսքը 526,6 առ հարիւր աճած է նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն համեմատած:

«Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայաններուն մէջ յունուար-յուլիս 2017 թուականին, նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն հետ համեմատած, 24,2 առ հարիւր աճ արձանագրած է նաեւ թռիչք-վայրէջքները:

Viewing all 12135 articles
Browse latest View live