Սփիւռքի մէջ, Հ.Յ.Դաշնակցութեան քաղաքական միտքը արդէն իսկ յօթանասունականներու կէսերուն գտած էր այս խնդիրներուն գաղափարական պատասխանը։ Այդ ալ քաղաքականացումն էր՝ փոխան հայապահպանումին։

Հայապահպանումը այդ օրերուն արդէն ինքզինք սպառած էր, իբրեւ վարքագիծ ու մտածողութիւն։ Իրաւազրկուած հայութեան համար, հայապահպանումը այլեւս ոչ մէկ լուծումի կրնար առաջնորդել, ոչ մէկ ձեւով կրնար իրաւատէր հայութեան համար գաղափարական ուղեցոյց հանդիսանալ, որովհետեւ անոր կը պակսէր ներգործօն նկարագիրը, որուն պէտք ունէր (ու այսօր ալ ունի) հայութիւնը՝ իր հողային ու այլ իրաւունքներու հետապնդման ճամբուն վրայ։

Հայապահպանումը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ եղածը պահպանելու զուր ճիգ մը, զուրկ՝ քաղաքական որեւէ հեռանկարէ ու զսպանակէ։

Հետեւաբար, քաղաքականացումի առաջադրանքը, որ այդ օրերուն առաջ մղուեցաւ դաշնակցական քաղաքական միտքին կողմէ, այսօ՛ր եւս կը պահէ իր այժմէականութիւնը՝ յատկապէս ներկայ համաշխարհային դրուածքին լոյսին տակ (տեսնել նախորդ ենթախորագիրի վերլուծումը)։

Իսկ քաղաքականացումը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ գործընթաց մը, ուր ենթական, կամ հաւաքականութիւն մը (այս պարագային հայութիւնը), կը գիտակցի իր քաղաքական շահերը, կրնայ զանազանել իրեն համար նպաստաւոր ու աննպաստ զարգացումները եւ ազդակները ու կը հետապնդէ իր ուրոյն ազգային նպատակները։

Իսկ այս ազգային նպատակներու հիմնաքարը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ մեր հաւաքական դատը, Արեւմտահայաստանի վերատիրացման խնդիրը։

40 տարի առաջ, երբ հայութիւնը տակաւին զրկուած էր անկախ Հայաստանի մը ընձեռած առաւելութիւններէն, քաղաքականացման գործընացը (յատկապէս երիտասարդութեան մօտ) կրցաւ այժմէականացնել Հայ դատը, կրցաւ վերստին զայն զետեղել համաշխարհային քաղաքական թատերաբեմի քարտէսին վրայ։

Իսկ այսօր, երբ գոյութիւն ունի անկախ Հայաստան մը, հայութեան ու մանաւանդ Սփիւռքի քաղաքականացումը աւելի քան երբեք կը դառնայ անհրաժեշտութիւն, ոչ միայն Հայաստանի զօրակցութեան առումով, այլ նոյնինքն Սփիւռքի վերակազմակերպումը աւելի ամուր հիմերու վրայ դնելու համար։

Սփիւռքի հայութեան մօտ իր համազգային քաղաքական շահերու գիտակցութեան մակարդակի բարձրացումը ինքնաբերաբար կը լուծէ նաեւ նոյն այդ Սփիւռքին ազգային դիմագիծի ուժեղացման խնդիրը, դէպի երկրորդական կամ երրորդական գիծեր մղելով «լեզո՞ւ, թէ ինքնութիւն» հարցադրումը։ Այն տրամաբանութեամբ, որ լեզուն, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը արդէն քաղաքական գիտակցութեան մը բաղկացուցիչ տարրերն են։

Հետեւաբար, Սփիւռքի քաղաքականացումը ռազմավարական արժէք ունեցող «մայր բանալի» մըն է, որ կոչուած է բանալու բազմաթիւ դուռներ։

Ասկէ անդին, Սփիւռքը իբրեւ պատմամշակութային, կրօնամշակութային կամ զուտ պատմական յիշողութեամբ բնորոշելու ճիգերը անպէտք ու վնասակար մօտեցումներ են, զուրկ՝ որեւէ քաղաքական արժէքէ։

Այնպէս որ, Հայաստան ֊ Սփիւռք յառաջիկայ խորհրդաժողովէն առաջ, կ’ուզենք յիշեցնել մեր պետական այրերուն, որ Սփիւռքը քաղաքական փորձանօթ չէ, «լապորաթուառ»ի մուկ կամ նապաստակ չէ, որոնց վրայ փորձարկումներ կը կատարուին։ Սփիւռքը համահայկական խնդիրներու, ամէնէն առաջ՝ հայութեան հողային խնդրին համար ռազմավարական արժէք ներկայացնող ազդակ է, որուն համար սակայն, անհրաժեշտ է վերստին թափ տալ անոր քաղաքականացումին։

Լոս Անճելըս
26 Օգոստոս 2017