Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12135 articles
Browse latest View live

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արցախի Հիմնահարցն Ու Թեհրանի Տրամադրութիւնները

$
0
0

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Իրան այցելութիւնը, նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանիի երդման պաշտօնական արարողութեան առթիւ, պատճառ դարձաւ, որ կատարուին աւելի խոր քննարկումներ եւ խօսակցութիւններ` երկու երկիրները յուզող հարցերու առնչութեամբ:

Երկուստեք միայն ուժանիւթի, ելեկտրականութեան, կազի, փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան կամ երկու երկիրներու տարածքներով Ծոցը Սեւ ծովուն հետ կապող միջազգային փոխադրական եւ տարանցիկ ուղիներու օգտագործման կարեւորութեան մարզերը կամ երկու երկիրներուն միջեւ ելքի եւ մուտքի արտօնագիրներու չեղեալ յայտարարուիլը չքննուեցան, այլ նաեւ արծարծուեցաւ շրջանը յուզող Արցախի հիմնահարցը` յատկապէս կարեւորելով արցախեան տագնապի բանակցային հոլովոյթը:

Ռուհանի ընդգծեց, որ արցախեան հիմնահարցին լուծումը կրնայ ընթանալ միայն քաղաքական ճամբով` շեշտելով, որ առաջնահերթութիւն են շրջանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը: Իրանի նորընտիր ղեկավարին խօսքերը կ՛ամբողջացնէին նախապէս արտայայտած Սերժ Սարգսեանի խօսքերը, թէ` Հայաստանի դիրքորոշումն է տագնապը բանակցութիւններու միջոցով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ խաղաղ միջոցներով լուծել: Շատ աւելի մանրամասնութեամբ եւ մօտէն ուսումնասիրելով` Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմին Սարգսեան – Ռուհանի տեսակցութեան յաջորդ օրն իսկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զեկուցեց, որ Իրան արցախեան տագնապի գծով երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` դիմելու երկխօսութեան ու բանակցութիւններու:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ Կովկասեան բարձրաւանդակի հարաւային շրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կրնան ազդեցութիւն ունենալ աւելի լայն տարածաշրջանի վրայ, յոյս յայտնելով, որ երկու երկիրներն ալ, թէ՛ Հայաստան եւ թէ՛ Ազրպէյճան, այս գծով կրնան ամէն գնով օժանդակել շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման:

Այս իրադարձութիւններու լոյսին տակ չուշացաւ Ստեփանակերտի յայտարարութիւնը, որ բնականաբար մեծ գոհունակութեամբ կը հաստատէր, թէ Թեհրան լաւապէս կը հասկնայ, որ տարածաշրջանին մէջ զինադադարի խախտումն ու պատերազմը կրնան ահաւոր կացութիւն մը ստեղծել, մանաւանդ որ Իրան անմիջականօրէն սահմանակից է թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Արցախին եւ թէ՛ Ազրպէյճանին:

Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեանը յստակօրէն մեկնաբանեց, թէ Իրան հրաշալի ձեւով կը հասկնայ, որ շրջանին մէջ լայնածաւալ պատերազմը զինք, կամայ թէ ակամայ, պիտի դարձնէ տագնապի մասնակից եւ, հետեւաբար, այդ պատճառով Թեհրան մշտապէս հանդէս եկած է տագնապի խաղաղ լուծման օգտին` միշտ ալ բացառելով պատերազմը եւ ուժի կիրարկումը:

Միւս կողմէ` Պաքուէն ոչ մէկ յիշատակելի յայտարարութիւն: Ռուհանիի երդման պաշտօնական արարողութեան ալ բացակայ էին ղեկավար Ալիեւ եւ իր արբանեակ անձնաւորութիւնները, իսկ արցախեան տարածաշրջանէն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները ապատեղեկութիւն տարածած էին, որ հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակած են Գարալար գիւղի ուղղութեամբ, որուն պատճառով իբր թէ վիրաւորած է 13-ամեայ երեխայ մը:

 


Անդրադարձ. Հայկական Ինքնութիւնը Եւ Կեթոն

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայկական ինքնութեան, հայկական համայնքներու, հայկական թաղամասերու եւ սփիւռքի հայկական գաղութներու մասին խօսելու կամ գրելու ընթացքին երբեմն կը յայտնուի «կեթօ» բառը եւ անոր հոլովումները, որոնք կը գործածուին նաեւ իբրեւ ածական` ընդհանրապէս ներկայացնելու համար բացասական` յոռի, նուաստացուցիչ վիճակ: Կ՛արժէ հասկնալ այս բառին ծագումը, գործածութիւնը եւ իսկական իմաստը:

Կեթօ` ghetto անգլերէնէ հայերէն բառարանին մէջ (1) կը նշանակէ հրէական թաղ, այլ բառարանի մը մէջ` չքաւոր հրեաներու թաղ: Այս եզրը առաջին անգամ գործածուած է 1515-ին, Վենետիկի մէջ, ուր հրեաները մեկուսացուած էին մէկ շրջանի մէջ, եւ պետական օրէնքով սահմանափակուած էին ապրելու մի՛այն այդ շրջանին մէջ` Վենետիկի Քանարեկիօ կղզիի Կեթօ թաղամասին մէջ (2): Հաւանաբար Շէյքսփիրի 1596-1599-ին գրած` «Վենետիկի վաճառականը»-ին հերոսներէն Շայլոքը` հրեայ վաշխառուն, Կեթոյին հետ առնչութիւն մը ունի:

Վենետիկի Կեթօ հրապարակը (2)

Հետագային այս եզրը կը գործածուի բնորոշելու համար քաղաքի մը այն հատուածը, ուր կ՛ապրին փոքրամասնութեան մը պատկանող խմբաւորումներ, ընդհանրապէս իբրեւ զոհեր`  ընկերային, օրինական, կամ տնտեսական ճնշումներու: «Կեթօ» վենետիկեան բարբառով կը նշանակէ ձուլարան, համանուն այն թաղամասին, ուր թնդանօթներ կը ձուլուէին. բառին լատինական արմատը ghetàr է, որ կը նշանակէ` ձուլել, կաղապարել (3):

Կեթօ` առանձնայատկութիւններ բաժինով կը նշանակէ նաեւ քաղաքի մը այն հատուածը, ուր յատուկ ազգային, կամ ցեղային, օրինակ` սեւամորթ, խմբաւորումներ կ՛ապրին ընդհանրապէս աղքատ պայմաններու մէջ (4):

Իսկ «Քաղաքային բառարանը» կեթօ բառին հետեւեալ արդի բացատրութիւնները կը նշէ (5).

1.- (գոյական) Աղքատութեան հասած, լքուած, անբարենպաստ վիճակի մատնուած քաղաքի մը բնակելի տարածութիւնը, որ ընդհանրապէս խաթարուած է ոճրային անհամեմատ բարձր ցուցանիշով:

2.- (ածական) Քաղաքային` կամ (ներքին) քաղաքային կեանքի հետ կապուած:

3.- (ածական) Աղքատ` կամ աղքատ կեանքին առնչուող:

4.- (ածական) Կեղծուած-երդուեալներ, անպատրաստից յօրինուածք, կամ տան մէջ պատրաստուած (սովորաբար չափազանց աժան կամ անորակ բաղադրիչներով), սակայն ըստ բաւականին արժանի թէ՛ կեթոյի բնակիչներուն եւ այլոց գործածութեան:

Թեզորըս հետեւեալ բացատրութիւնը կը նշէ (6).

1.- Քաղաքի հատուած մը, յատկապէս խիտ բնակչութեամբ բնակեցուած` ստորին թաղամաս` slum, ուր կը բնակին ցեղային կամ այլ փոքրամասնութիւններու անդամներ, յաճախ` ընկերային կամ տնտեսական սահմանափակումներու, ճնշումներու, կամ զրկանքներու պատճառով:

2.- (Նախապէս շատ մը եւրոպական երկիրներու մէջ) Քաղաքին մէջ շրջան մը, ուր հրեաները ստիպուած էին բնակելու:

3.- Մեծամասնութեամբ հրեաներու կողմէ բնակուած շրջան մը:

4.- Ապրելակերպի, աշխատանքի եւ այլնի որեւէ կերպ, որ կը յառաջանայ կարծրատիպերու կամ խտրական, կողմնակալ վերաբերմունքի պատճառով: Օրինակ` կիներու աշխատանքի կեթօ, տարեցներու կեթօ:

5.- Կեթոյի վերաբերող, կամ այնտեղ բնակող մարդոց կեանքին յատկանիշով:

Կեթօ մշակոյթ:

Ռամիկ լեզուով` ընդհանրապէս նսեմացնող, նախատական, անարգանք` բանի մը համար, որ կ՛որակուի ոչ զուտ, կոշտ, ցած մակարդակ ունեցող, ստորադաս:

Օրինակ` որքա՛ն կեթօ է իր կահ-կարասին:

Վերոնշեալ աղբիւրներուն մէջ միա՛յն թեզորըսը «սլամ»` ստորին թաղամաս բառը ներառած է բացատրութեան մէջ, որ հակասական է քաղաք հասկացութեան*, քանի որ ստորին թաղամասը, ընդհանրապէս քաղաքէն դուրս, սակայն անոր մերձաւորութեան, առանց ենթակառոյցներու (ըմպելի ջուր, ելեկտրականութիւն, կոյուղի, ճամբաներ եւ օրէնքի կիրարկում), չծրագրաւորուած ապօրինի շինութիւններու համալիրի մը կը վերաբերի (7): Պէտք է յստակացնել, որ արդի հասկացութեամբ` բոլոր ստորին թաղամասերը կեթոներ կրնան ըլլալ, սակայն բոլոր կեթոները ստորին թաղամասեր չեն, քանի որ անոնք օրինաւոր քաղաքի մը մաս կը կազմեն` իրենց բոլոր ենթակառոյցներով:

Ընդհանրապէս շփոթ եւ թիւրիմացութիւն կայ կեթոյի եւ ստորին թաղամասի միջեւ: Կ՛արժէ մեկնաբանել «ստորին թաղամաս» եզրը: Սլամ բառը առաջին անգամ գործածուեցաւ Լոնտոնի արեւելեան շրջանին մէջ, շուրջ 1845-ին, ճարտարարուեստի յեղափոխութեան` նաւահանգիստին մէջ նաւաշինութեան մեծաթիւ աշխատաւորներուն հապճեպ կերպով կեցութեան վայր ստեղծելով: Չարլզ Տիքընզի «Օլիվըր Թուիսթ» վէպը կը ներկայացնէ այդ ժամանակաշրջանի Լոնտոնի ստորին թաղամասերու թշուառներուն ողբերգութիւնը:

Քարաքասի Փեթար ստորին թաղամասը

Ստորին թաղամասերը կը ծաղկին եւ կը յարատեւեն` ժողովրդագրական, ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական միախառնուած պատճառներով:  Ընդհանուր պատճառները կը ներառեն` գիւղերէն դէպի քաղաք արագ տեղափոխութիւն, վատ ծրագրաւորում, տնտեսական լճացում եւ ընկճում, աղքատութիւն, գործազրկութեան բարձր ցուցանիշ,  ոչ պաշտօնական (ստուերային) տնտեսութիւն, գաղութատիրութիւն եւ խտրականութիւն, քաղաքականութիւն, բնական աղէտներ եւ ընկերային հակամարտութիւններ (7):

Յատկանշական է, որ երկու պարագաներուն, վրանաքաղաք` քեմբ եզրը չէ նշուած, եւ չի պատկանիր կեթօ եւ ստորին թաղամաս հասկացութեան*: Վրանաքաղաքը «մնայուն» բնակավայր չէ, այլ առժամեայ բնակութեան վայր` անակնկալ բնական աղէտներէ փրկուածներ, պատերազմներու պատճառով գաղթականներ եւ ցեղասպանութենէ, տեղահանութենէ փրկուած զանգուածներ պատսպարելու:

Ուրեմն բացայայտ է, որ կեթօ եզրին հիմնական եւ արդի իմաստները  ոչ մէկ կապ ունին հայկական ինքնութեան, հայկական համայնքներու, հայկական թաղամասերու եւ սփիւռքի հայկական գաղութներուն հետ: Հայկական գաղութները, համայնքները սփիւռքեան որեւէ երկրի մէջ տեղւոյն իշխանութեան կողմէ պարտադրուած չեն ապրելու միա՛յն յատուկ թաղամասի մը մէջ. խտրական բաժանում` segregation չէ կիրարկուած, հրեաներուն կամ որոշ ժամանակաշրջանի` Ամերիկայի սեւամորթներուն, Հարաւային Ափրիկէի, կամ Ռոտեզիոյ նման:

Բնական է, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով տեղահանուած հայութեան զանգուածը ստիպողաբար իր ապաստանած նոր երկրին մէջ նախ պիտի բնակէր վրանաքաղաքներու մէջ, թշուառ պայմաններու տակ: Բացարձակապէս բնական է, որ ցեղասպանութենէ, ցեղային հալածանքէ փրկուած հայ ժողովուրդին գերագոյն նպատակը ըլլար իր տեսակը պահպանելու միջոցներու կիրարկումը` իր բնօրրանէն հեռու` համախմբուելու, կազմակերպուելու, դաստիարակելու` հիմնելով քով-քովի դպրոց, եկեղեցի, ակումբ:

Ընդհանրապէս կը մոռցուի, որ արաբական աշխարհը, ուր ապաստան գտաւ հայ ժողովուրդը, նաեւ մաս կը կազմէր Օսմանեան կայսրութեան մինչեւ 1918, այլ խօսքով, պէտք չէ չափազանցել նոր շրջապատի «հիւրընկալութիւնը», որ բնականաբար այդքան ալ ջերմ չէ եղած եւ այդ պատճառով աւելի՛ համախմբուած են այս նորաստեղծ գաղութները: Իր տեսակը պաշտպանելու բնազդային յատկանիշը աւելի՛ մասնայատուկ կերպով մղած է հայրենակցական խմբաւորումները, Լիբանանի պարագային, հիմնելու միատարր թաղամասեր. օրինակ` Նոր Մարաշ, Նոր Սիս, Նոր Ատանա, Նոր Հաճըն, Նոր Ամանոս եւ այլն, պահպանելով պապենական բնօրրանի հարազատ սովորութիւնները, աւանդութիւնները, բարբառը եւ այլն:

Ինչո՞ւ ամչնալ համախմբուած ապրելու բնական ու բնածին ձգտումէն եւ անտեղի ու անտեղեակ կերպով «կեթօ» պիտակով որակել մեր գաղութներուն համախմբուած ապրելակերպը: Արդեօ՞ք պապենական Մարաշի, Ատանայի, Հաճընի, Ճեպել Մուսայի եւ այլնի մեր ժողովուրդը «կեթոներու» մէջ կ՛ապրէր: Ինչո՞ւ ստորակայութեան բարդոյթով վարակուիլ. մեզ տեղահան ընողնե՛րը եւ Ցեղասպանութեան ուղղակի եւ անուղղակի մեղսակիցները թող ամչնան:

Մեր բացարձակ իրաւունքն է համախմբուած ապրիլը` ի խնդիր մեր տեսակը, մեր լեզուն եւ մշակոյթը` ինքնութիւնը հպարտօրէն պահպանելու: Արդեօ՞ք ցիր ու ցան ապրելով` կարելի էր գոյատեւել իբրեւ միատարր ազգ: Մեր թշնամիին նպատակն էր ոչնչացնել մեր ազգը` արմատախիլ ընելով մեզ մեր բնօրրանէն, ծրագրուած կերպով ցիր ու ցան ընելով մեզ Հալէպէն Տէր Զօր, Պէյրութ, Մուսուլ, Պասրա, Մաան եւ արաբական աշխարհի հեռաւոր այլ քաղաքներն ու անապատները:

Զուգադիպօրէն, «Ազդակ»-ի 26 յուլիս 2017-ի այսօրուան թիւով վերհրատարակած, այժմէական` «Ո՞ւր են եւ ո՞ր օրուան կը սպասեն» 8 յունուար 1976-ի առաջնորդող յօդուածը զգաստութեան կոչ է լիբանանահայութեան պատասխանատուներուն, ահազանգ հնչեցնող` «Ժամանակն է լռութիւնը խզելու եւ մատը վէրքին վրայ դնելու, որպէսզի տասնամեակներու զոհողութեամբ շահուած այս գաղութը զոհ չերթայ իբր թէ պատասխանատու անհատներու անընդունելի անպատասխանատուութեան» (8):

Փա՛ռք մեր վրանաքաղաքներուն մէջէն ընձիւղած կազմակերպ գաղութներուն` պողպատեայ կամքով, հեռատես, ժրաջան պատասխանատուներուն եւ ժողովուրդին, որ բոլոր տեսակի դժուարութիւնները յաղթահարելով` ոչինչէն գոյացուց կազմակերպ ու բարգաւաճ հայկական գաղութներ: Այժմ կարիքը ունինք նմանօրինակ պողպատեայ կամքով անընկճելի, ծրագիր ունեցող ու հեռատես պատասխանատուներու` պահպանելու եւ ամրապնդելու մեր հայկական ինքնութիւնը սփիւռքի տարածքին ու նաեւ հայրենիքին մէջ:

26 յուլիս 2017

* Հասկացութիւն = մտապատկեր` Concept
Հասկացողութիւն = ըմբռնում` comprehension:

(1) (http://www.nayiri.com/search?l=hy_LB&dt=EN_HY&r=0&query=ghetto)նապէս
(2) (https://en.wikipedia.org/wiki/Ghetto)
(3) (https://www.merriam-webster.com/dictionary/ghetto)
(4) (https://en.wikipedia.org/wiki/Ghetto_(disambiguation))
(5) (http://www.urbandictionary.com/define.php?term=ghetto)
(6) (http://www.dictionary.com/browse/ghetto)
(7) (https://en.wikipedia.org/wiki/Slum)
(8) (http://www.aztagdaily.com/archives/357511)

 

Մէկ Մարմին. Բաց Նամակ

$
0
0

ՅՈՎԷԼ ՇՆՈՐՀՕՔԵԱՆ

Սիրելի՛ Յակոբ,

Ժամը չորսն է: Առտուան չորսը:

Մէկը անց անկողին մտայ:

Գործերու մէջ թաղուած եմ:

Երէկ ամբողջ օրը հեռաձայնային կապերով, հանդիպումներով զբաղած էի: Հազիւ ժամը վեցին ազատ եղայ եւ անցայ ե-նամակներուս պատասխանելու: Ժամը ութին արագ պատառ մը կերայ եւ Անիին հեռաձայնեցի` մեր հանապազօրեայ «Սքայփ»-ի հանդիպման համար` խօսեցանք` ո՞ր յաճախորդէն ի՛նչ պատուէր ստացած էինք, ո՞ր երկիրը ի՛նչ հարց ունէինք` Ֆրանսա, Սպանիա, Ամերիկա, Գերմանիա, տղոց գործը կը յառաջանա՞ր:

Երուանդը «ֆոթոշափ»-ի վրայ կ՛աշխատի, արուեստագէտ է:

Շիրազը «Ամազոն»-ի յաճախորդներուն կը պատասխանէ մէկ առ մէկ, ամենայն քաղաքավարութեամբ, իւրաքանչիւրին` իր լեզուով: Դաւիթը համացանցի կայքին եւ «տէյթը պէյս»-ի վրայ կ՛աշխատի` խստապահանջութեամբ: Սիրանուշը եւ Աննան կ՛օգնեն սիրայօժար, ուր որ պէտք ըլլայ: Բոլորէն գոհ եմ: Բոլորն ալ ընդունակ են: Ամէնէն կարեւորը` բոլորն ալ լաւ մարդիկ են:

Ժամը տասն է արդէն: Անիին` Էջմիածնի ժամով կէս գիշեր է: «Պարո՛ն Յովէլ, էլեմենտներս նստեցին, ուղեղս դանդաղում է: Կարելի՞ ա վաղը առաւօտ շարունակենք»: Ճիշդ այդ վայրկեանին հեռաձայնէս պատգամի ազդանշան մը կը լսեմ. առանց հեռաձայնիս կողմը նայելու` «Անշո՛ւշտ» կ՛ըսեմ Անիին, բայց երկուքս ալ գիտենք, որ «վաղը առտու» պիտի սկսինք նոր օրուան մը նոյն խե՛նթ վազքը, եւ մեր հանդիպումը նորէ՛ն պիտի մնայ երեկոյեան ժամը ութին, իննին, այն ալ` եթէ խեղճ Անիին հերթը հասնի:

Այսպէս, ես Փարիզ, իրենք` Հայաստան, մէկը Երեւան, միւսը Էջմիածին, միւսը Գիւմրի, միւսները` չեմ գիտեր ո՛ւր.  գործ կ՛ընենք, եոլա կ՛երթանք: Ան, որ ներկայիս օրէ օր աւելի մրցունակութեան միտող շուկային գծով արդի կապերու գործածութեան, թուայնացման, միջազգայնացման չէ համակերպած, ան ըլլայ Ալֆորվիլի նպարավաճառը կամ Պուրճ Համուտի ադամանդաշարը, արդէն գործի եւ ընդհանրապէս կեանքի պատերազմը կորսնցուցած է:

Անին աչքիս լո՛յսն է: Զարմիկս` Յարութը, աւետարանչականի պարոն Ներսէսեանն էր մեզ զիրար ծանօթացնողը` ըսելով. «Չեմ գիտեր, թէ գործի մէջ կարո՞ղ է, սակայն հաստա՛տ լաւ մարդ է»:

Անին լա՛ւ մարդ է` խոնարհ, ազնիւ, ազնուական, անձնուէր, ուղիղ: Կարո՛ղ ալ է. առողջ դատողութեան տէր, ուշիմ, վստահելի. կը տիրապետէ սպաներէնին, ռուսերէնին. անգլերէն նամակներս ինք կը սրբագրէ: Ո՞վ երէկ հայաստանցիները կը մրոտէր: Լա՜ւ: Մէկու մը դրացիին զարմիկը սխալ ներդրում ըրեր է, խակ գործ տեսեր է, առանց շուկան սերտելու, անհրաժեշտ զգուշութիւնները առնելու` գործի նետուեր է: Կը բաւէ՛: Քի՛չ մը մտաւորական ամբողջութիւն` արդարութիւն ունեցէք: Նոյնի՛սկ եթէ… Ճիշդ չէ ամբողջ ժողովուրդ մը մրոտել քանի մը խուլիկանի պատճառով` ըլլան անոնք բարձրաստիճան պաշտօնեաներ կամ հասարակ քաղաքացիներ, հակառակ անոր որ այդ հասարակ քաղաքացիներուն թիւը շատ էր ժամանակին:

………………………………………….

Ժամը չորս է: Առտուան չորսը:

Մէկը անց անկողին մտայ:

Վերջին երկու օրերուն լուրերը.

Երէկ գիշերուան խօսակցութիւնս…

Քունս չի տանիր: Վեհափառ հայրապետը կազմակերպած է համաժողով` զիս խիստ մտահոգող վերնագիրով` «Սփիւռքահայուն ինքնութեան դիմագրաւող վտանգներն ու մարտահրաւէրները»: Վեհափառ հայրապետը հրաւիրած է երեսունէ աւելի մտաւորականներ` այս նիւթը քննարկելու:

Անիին հետ ժողովս չաւարտած` հեռաձայնիս վրայ կարճ պատգամ մը ստացած էի ժողովականէ մը` «Բարե՛ւ, Յովէ՛լ, առիթով մը խօսինք». հեռաձայնեցի, խօսեցանք: Տեղեկութիւն տուաւ: «Ժողովը շատ լաւ կ՛ընթանայ, երբեմն խօսակցութիւնը կը սրի»:

Միտքս եկաւ երեւանեան խօսակցութիւն մը. «Ձեր արեւմտահայերէնը արեւելահայերէնի բառամթերքին հարստութիւնը չունի»: Արիւնը գլխուս խուժեց, պիտի ըսէի, եթէ «ձեր» լեզուէն վերցնենք փեթրուշքան ու պոմիտորը, էկրանն ու պապկան, հաղորդակցութեան լուրջ հարց կ՛ունենաք: Նախ «դուք» ա, պ կը-ի փոխարէն` այբ, բեն, գիմ ըսել սորվեցէք, ետքը ուղղագրութիւնը մէկդի ձգենք, բարբարոսական լատինական տառերուն փոխարէն` մեսրոպեան այբուբենը գործածեցէք ձեր ե-նամակներուն մէջ: Կը բացատրեն, որ հնարաւորութիւնը չունին:

Իրենց մօտ եչը «e»-էն է, խէն կամ ղատ-ը «x»-ը, ըթը` շնիկը: Ահա օրինակ մը. «neroxutyn em x@ndrum vor anhang@stacnum em Dzez. bayc ayl elq chunem»: Եթէ կրնա՛ս, ե՛լ մէջէն, բա՛ն մը հասկցիր:

Անշուշտ բան չըսի: Մարդը մասամբ իրաւունք ունէր: Կարգ մը արհեստավարժական, էսպէս ասած` պրոֆեսիոնալ, կամ արհեստագիտութեան ուսմունքի` իրենց լեզուով  տեխնոլոկյայի եզրերու մէջ իրենք ունին նոր բառեր, զորս արեւմտահայերէնը տակաւին չէ մշակած, կամ աւելի ճիշդը` չէ ընդունած, ինչ որ հայրենիքը մշակած է: Իրենք «ԷԹ»-ին(@) «շնիկ» կ՛ըսեն: Ի՛նչ գեղեցիկ պատկերացում: Որպէս թէ կապը այսպէս @ շնիկին վզին շուրջ փաթթած ըլլային: Թէկուզ բառը ներշնչուած ըլլայ ռուսերէնէն, ինչի՞ մենք ալ «ԷԹ»-ի փոխարէն` չօգտագործենք շնիկը: Աւելի կարեւորը` պէտք է վերամշակենք հնչիւններու հարստութիւնը, գիմի եւ քէի, դայի եւ թոյի զանազանումը:

Յարգուած ադամանդավաճառ Վռամը կը հեռաձայնէ Երեւանէն: Վռամը նախապէս պատմագէտ եղած է. Կալկաթայի հայոց մարդասիրական ճեմարանի մէջ ուսուցչութիւն ըրած է, եւ յանկարծակի սայթաքումով մը ինկած է առեւտուրի մէջ: Իր «նախորդ կեանքէն» պահած է, սակայն, իր մտաւորականի հայեացքն ու վեհ հոգին. մեր վերջին հանդիպման` Հոնկ Քոնկի գոհարեղէններու ցուցահանդէսին, օրուան ընթացքին գործը ձգած` գացած  էր լորտ Փոլ Խաչիկ Չեթըրին շիրիմը ծաղկեցնելու: Երեկոյեան, ընթրիքի ընթացքին, կը պատմէր, թէ ի՛նչ դժուարութեամբ գտած էր մեծ բարերարին գերեզմանը, վրդոված` կը պատմէր, որ «մարդուն» գերեզմանը երեսի վրայ ձգուած էր, գերեզմանաքարին վրայի անունը չէր կարդացուեր: Յաջորդ օրն իսկ ան հետը լաթ, օճառ, խոզանակ, ներկ, վրձին եւ երկու հոգի առած ու գացած էր շտկելու, մաքրելու եւ անուանագիրերը ներկելու: Այսպիսի մարդի՞կ ալ կան եղեր. կա՛ն: Հայաստան ա՛լ աւելի կան:

Լորտ Փոլ Խաչիկ Չեթըր, ծնած` 1846-ին, ճանչցուած է որպէս բրիտանական գահի «գոհարին» իրականացման գլխաւոր դերակատար ճարտարապետ` «Հոնկ Քոնկի իշխանը»:

Ութ տարեկանին որբացած եւ զերոյէն սկսած` հսկայ կայսրութեան տէր գործարարին մեծ բարերարութիւնները մինչեւ օրս կանգուն պահած են իր ծննդավայր Կալկաթայի  Ս. Նազարէթ հայկական եկեղեցին ու Հայոց մարդասիրական ճեմարանը: Լորտ Չեթըր Կալկաթայէ եւ Սուրբ Էջմիածնէ անդին` նպաստած է նաեւ իր յաճախած ֆրանսական կաթողիկէ «Լա մարթինիէր» դպրոցներուն, որոնց աշակերտները առաւօտեան իրենց աղօթքը կը նախորդեն օրհներգով. օրհներգ, որ կը սկսի իր հայրենիքի մէջ մոռցուած բարերարին ուղղուած հետեւեալ տողով.  «Շնորհակալ ենք քեզ, մեր բարերար Փոլ Չեթըր…»:

Իսկ մե՞նք. մեր ետին ձգած գերեզմաններուն տէ՞րն ենք, նիւթականէն անդին` կ՛արժեւորե՞նք հոգեւորը, մեր նախնիներուն հետ կապը:

Ո՞ւր էի: Հա՛, Վռամը  հեռաձայնեց եւ ըսաւ. «Կարդացի վերջին գրութիւնդ, ըմբոշխնեցի ձեր արեւմտահայերէնին գեղեցկութիւնը, վայելեցի բառերուն նրբութիւնը»:

Այսպիսի մարդի՞կ ալ կան եղեր: Կա՛ն. Հայաստան ա՛լ աւելի կան:

………………………………………………

Ժամը չորս է: Առտուան չորսը:

Քունս չի տանիր:

Համակարգիչս կը բանամ:

Կը դիտեմ ձեր խմբային նկարը:

Երկար ատենէ չենք տեսնուած: Առաջին շարքին ձախէն առաջին տեղը` ոտքի, բնա՛ւ չե՛ս փոխուած:

Երկրորդ շարքին կը նշմարեմ արժէքաւոր Անդրանիկը` ժպտադէմ. «Աջին Վարդանը, ձախին Իշխանը», այսպիսի երկու լաւ մարդոցմով շրջապատուած, չժպտի՞:

Կը նշմարեմ «Ազդակ»-ի խմբագիր իմ սիրելի  Շահանը: Սեւակը չեմ տեսներ, վստահաբար ճամբորդած ըլլալու է: «Արարատ» թերթին տիկին Եփրեմեանին չեմ հանդիպած: Արդեօք ներկաներուն մէ՞ջն է:

Կը մտածեմ` ինչո՞ւ Անթիլիաս չէք հանդիպած: Հա՛, Պիքֆայա կաթողիկոսարանի ամարանոցն է, օդը լաւ ըլլալու է հոն այս եղանակին: Սակայն հեռո՜ւ ազգի, սփիւռքի նոր ձգողական կեդրոններէն` Մոսկուա, Լոս Անճելըս, Փարիզ. կը մտածեմ, որ արդեօ՞ք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի պանդուխտ աթոռը, որ չորրորդ դարէն ի վեր փոխադրուած է Դուինէն Անի, Անիէն Վան, Վանէն Սիս, Սիսէն Անթիլիաս, դեռ անցնելով ուրիշ քաղաքներէ, պէ՞տք է, որ Լուսաւորիչի աջին հետ միասին նորէն փոխադրուի ու մօտենայ ժողովուրդին:

Չէ՛, կարեւոր չէ: Ներկայի արդի կապերու գործածութեամբ, թուայնացման, միջազգայնացման դարուն տեղը կարեւորութիւն չունի: Կարեւորը համասփիւռքեան գիտակցութիւն  ունենալն է, տարբեր համայնքներու աչքերով կարենալ տեսնել աշխարհը: Բոլորի՛ն աչքով: Բոլորին` իւրաքանչիւրին աշխարհագրական, լեզուական, գաղափարախօսական եւ սերնդային տարբերութիւնները նկատի առնելով:

Ձեր ալեւոր խումբի պատկերին մէջ ամէնէն ետեւը աչքի կը զարնեն փոքրամասնութիւն կազմող երկու սիրուն, երիտասարդ օրիորդներ, որոնք յիսունէն վար երեք կամ չորս անձերէն երկուքը ըլլալու են:

«Աստուա՛ծ օգնական, վեհափառ հայր,

Կ՛ողջունեմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ այս ժողովը կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը:

Կ՛ողջունեմ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այսքա՛ն վաստակաւոր մարդիկ ձեր շուրջ հաւաքելնուդ: Աստուած ձեր ցանած հունտը աճեցնէ, բազմապատկէ:

Կը խնդրեմ, որ ձեր հոգատար մտահոգութիւնը Արեւելքի հորիզոնէն անցնի եւ հասնի մեզի, որ` ձեր սքեմին քղանցքը տարածուի մինչեւ արեւմտեան ալեկոծ ափերը:

Արեւմուտքի ափերուն նաեւ մե՛նք ունինք պատրաստուած փայլուն երիտասարդներ` ձեռքի մատներուն վրայ հաշւուած, ինչպիսիք են գրաբարաբան Շահան Վիտալը, լրագրող Տիգրան Եկաւեանը եւ բազմատաղանդ Վահան Քերովբեանը, որոնք կրնան նոր լուսամուտներ բանալ:

Թող ձեր շուրջ հաւաքուած` ազգի վաստակաւոր գործիչները տեսնեն լուսամուտէն ներս թափանցող լոյսի նշոյլը, տեսնեն եւ ոգեւորուին:

Թող հարցերը քննելէ անդին` տեսնենք հայապահպանութեան փայլուն օրինակներ` յաջող լուծումներ, եւ ընդհանրացնենք զանոնք:

Ընդհանրացնե՛նք, ժամանակը ուշ է: Ահա արեւուն տակ դրուած ձիւնի նման կը հալինք»:

Ո՛վ Պիքֆայայի ժողովականներ, բոլորին նման` մտահոգ եմ ազգով, ազգի ապագայով: Պէտք է քայլ պահել գիտական եւ հաղորդակցական արդի յառաջխաղացքին հետ: Հասկնալ` ի՛նչ է արհեստական իմաստութիւնը: Արդի հաղորդակցութեան գործածութիւնը ընդհանրացնել, զարգացնել «Ուիքիփետիա»-ի, Եու Թիուպի հայկական ծրագիրները,  ՄՈՒՔ-երու կրթական ծրագիրներ մշակել եւ բուռն կերպով ընդհանրացնել. ապա թէ ոչ` ինչպէ՞ս պիտի հասնինք Արեւմուտքի պատանիներու 98 տոկոսին, որոնց համար հայկական դպրոցը հասանելի չէ:

Մտահոգութիւններս վերջ չունին: Կան նոր եւ փոքր գաղութները` Նանթի, Ռոթերտամի, Պարսելոնայի. կայ Կրասնոտարի յիսուն հազար հայութիւնը, ուր ո՛չ հայկական դպրոց եւ ո՛չ հայկական եկեղեցի կայ, ուր հայեր իրենց նորածինները կը կնքեն ռուս ուղղափառ «քոյր» եկեղեցւոյ մէջ:

«Աստուա՛ծ օգնական, Ամենայն Հայոց վեհափա՛ռ հայր:

Խնդրում եմ` պատուիրէք Ձեր հօտի անդամներին, որ սպասեն ամառային արձակուրդներին` գալու մայր հայրենիք եւ նրա մայր եկեղեցու մէջ իրենց զաւակներին կնքելու:

Խնդրում եմ` բացատրէք Ձեր հօտին` ժողովրդին, ճիշդ բացատրէք, թէ ռուս ուղղափառ քոյր եւ զոյգ դուստր հայ եկեղեցիներից ո՛րն է մեզ հարազատ:

Խնդրում եմ` զգուշացրէք, որ հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական հոգեւորականը աւելի հարազատ են, քան օտարի` իկոնապատ խնկաբոյր եկեղեցու, իր մօրուքով ու վեղարով հարազատ թուացող քահանան, որ ակամայ սուր ակռաներով յափշտակում է մեր` Ձեր հօտի գառնուկներին` սուրբ մկրտութեան օտար կնիքով:

Ամենայն Հայոց վեհափա՛ռ հայր, թող Ձեր իմաստութեամբ լի խրատները, հայրական գոհաբանական օրհնութիւնները եւ քրիստոսավայել հեզահամբոյր սէրը իջնեն ամենայն հայոց վրայ եւ տարածուեն անդին. բնականաբար, ինչպէս առաքեալն է գրում, «նախ ազգակցիս, յետոյ` օտարին»:

…………………………………………………

Սիրելի՛ս, այս օրերս ամէն բանի արդին յարգի է` քամերային եւ համակարգիչին, խոհանոցին ու հագուստ կապուստին, մտածելակերպին ու վարուելակերպին, արժէքներուն ու բարոյականին:

Հինը կը ծալենք, կը փաթթենք, կը վերցնենք,  պահարանէն ձեղնայարկ, ձեղնայարկէն աղբաման,  հինը կը վերցնենք, կը թափենք, կ՛այրենք, կ՛այրենք` թացը չորին հետ խառնած:

Կը թափենք «հին» կահ-կարասիները, կը պահենք Իքէան, կը պահենք քիպորտը, կը թափենք թուղթն ու մատիտը  կը թափենք խոհանոցը, կը պահենք ֆասթ ֆուտը կը թափենք յարաբերութիւնները, կը պահենք մեսեճները կը թափենք ընտանեկան սրբութիւնը, կ՛որդեգրենք ազատականութիւնը,

կը թափենք դասականը, գեղեցիկը, կը պահենք արդին:

Սիրելի՛ս, այս օրերս ամէն բանի արդին յարգի է:

……………………………………………

Ո՛վ Պիքֆայայի ժողովականներ, մէկ նիւթ կը փափաքէի դնել ձեր սեղանին վրայ:

Իբրեւ ազգ` պիտի ունենա՞նք երկճիւղանի մէկ լեզու, մէ՛կ ուղղագրութիւն: Ո՞վ պիտի որոշէ: Ճիշդ պիտի չըլլա՞ր արդեօք դասականը, արմատականը` մեսրոպեան ուղղագրութիւնը հաստատել:

Հրեաները, նորէն իրենք, անցեալ դարու սկիզբը յանդուգն հաստատակամութեամբ որոշեցին իրենց արդի ետիշը փոխարինել դասական եբրայերէնով: Մեռած լեզուն կենդանացուցին:

Այսօր ուղղագրութեան ընդհանրացումը ունի ռազմավարական կարեւորութիւն: Գեղեցիկէն եւ արմատականը պահելու սկզբունքէն անդին` նաեւ ռազմավարական կարեւորութիւն ունի արեւմտահայերէնի պահպանումն ու անոր անվտանգութիւնը երաշխաւորելը:

Ո՞վ պիտի որոշէ: Քաղաքական մարդի՞կ, թէ՞ ձեզի նման տեսիլքի տէր մտաւորականներ:

Կը խնդրեմ` յաջորդ  ցուցահանդէսէն`  շոյէն  առաջ,  եզրակացութեան  եկէ՛ք:

Հոգեւո՛ր հայրեր, հայրապետնե՛ր, ձեզմէ զատ արդեօք ո՞վ կրնայ այսպիսի որոշում տալ: Մեր երկճիւղանի ծառին մէկ ճիւղը եթէ յանկարծ, Աստուա՛ծ չընէ, չորանայ, կը վտանգուի արդէն երկրորդ ճիւղը, ապա ինքը` ծառը:

«Ժողովը շատ լաւ կ՛ընթանայ. երբեմն խօսակցութիւնը կը սրի»:

Սիրելի՛ եղբայրներ, Պիքֆայայի՛ ժողովականներ,

Կը խնդրեմ ձեզմէ եւ ձեր ժողովէն բացակայ յարգելի եղբայրներէն` միացէք մէկ մարմնի պէս:

«Արդարեւ, ինչպէս մէկ մարմնի մէջ ունինք շատ անդամներ, եւ այդ բոլոր անդամները միեւնոյն պաշտօնը չունին, նոյնպէս մենք, շատ ըլլալով, բոլորս ալ մէ՛կ մարմին ենք»: *

Թէ՛ հայաստանցի, թէ՛ սփիւռքահայ,
Թէ՛ արեւելահայ, թէ՛ արեւմտահայ,
Թէ՛ էջմիածնական, թէ՛ անթիլիասական,
Թէ՛ դաշնակցական, թէ՛ հնչակեան, թէ՛ ռամկավար,
Թէ՛ առաքելական, թէ՛ կաթողիկէ, թէ՛ աւետարանական,
Թէ՛ պոլսահայ, թէ՛ լիբանանահայ, թէ՛ պարսկահայ,
եւ դեռ` թէ՛ դեմոկրատ, թէ՛ լիպըրըլ, թէ՛ համաաթլանթիստ, թէ՛ համափութինիստ:

«… Ուրեմն, եղբայրնե՛ր, մարմնին բոլոր անդամները զանազան են, սակայն  մէ՛կ մարմին են. աչքը չի կրնար ըսել ձեռքին`  «Պէտք չունիմ քեզի», եւ ո՛չ ալ գլուխը ոտքերուն` «Պէտք չունիմ ձեզի»:

Կ՛աղաչե՛մ ձեզմէ ամէն մէկէն, Աստուծոյ կարեկցութեամբ, որ ամէն մէկը իր մասին աւելի բարձր համարում չունենայ, եւ ինչ որ պէտք է մտածէ, խոհեմութեա՛մբ մտածէ:

Իրարու հանդէպ գորովալի՛ց եղէք` եղբայրական սիրով. պատուելու մէջ զիրա՛ր գերադասեցէք: Փութաջանութեան մէջ ծոյլ մի՛ ըլլաք. եռանդո՛ւն հոգիով ծառայեցէք:

Որքան կարելի է ձեզի` խաղաղութի՛ւն պահեցէք ամէն մարդու հետ»: **

Կը մաղթեմ, որ վեհափառ հօր տուած կայծը տարածուի` լոյս բերելով մինչեւ աշխարհի ծայրերը:

Ժողովականներուն կը մաղթեմ մանանեխի հատիկի չափ հաւատք, որ լեռները տեղափոխեն:

Մէկ մարմնի պէս, սպառազինուած` գերազանց սիրով, որ հոգեւոր արժէքներէն մեծագոյնն է:

Համեստաբար`
ՅՈՎԷԼ ՇՆՈՐՀՕՔԵԱՆ
Փարիզ

* Ա Կոր 12
** Հռոմ 12

 

 

Կրկին «Հայկական Արտասահմանի Վերակառուցման Հեռանկարով»

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Այսօր` օգոստոս 10: Սեւրի դաշնագրի տարեդարձ: 1920: Շուտով` հարիւր տարի: Համակարգիչիս շտեմարանէն էջ մը պարզուեցաւ եւ զիս կրկին մղեց մտածելու, տարեդարձի մը յուզումէն աւելի, զիս մղելով անմիջականէն անդին եղող ցաւագին անմիջականի մասին մտածելու:

Նոյն խորագրով յօդուած մը գրած էի քսան տարի առաջ, 7 յունուար 1997-ին*: Դժբախտաբար այն օրէն ի վեր ոչ միայն «վերակառուցում» տեղի չէ ունեցած, այլ հայկական արտասահմանը ամէն օր քիչ մը աւելի նկարագիր կը փոխէ: Այսօր, ինչպէս երէկ, կը կարծենք շատ բան գիտնալ սփիւռք(ներ)ի մասին, մինչդեռ ինչ որ գիտէինք եւ գիտենք, ենթակայական է եւ մակերեսային: Վիճակագրական եւ ընկերաբանական ուսումնասիրութեան յատուկ տուեալներ չկան, որոնց բացակայութեան «ղեկավարում»-ը խարխափում կ’ըլլայ:

Նկատի ունենալով, որ սփիւռք(ներ)ը ազգի համրանքի ճնշող մասը կը կազմէ թիւով, որակի գնահատումը այլ խնդիր է. ինչո՞ւ գիտական-ուսումնասիրական նախաձեռնութիւն մը չենք ունենար հասկնալու համար, որ Ի՞ՆՉ է ան իր համրանքով, տարտղնումով, լեզուով (լեզուներով), մշակութային եւ ընկերատնտեսական կացութեամբ, հոլովոյթի նախատեսութեամբ, հայրենադարձութեան եւ հայրենատիրութեան  գաղափարախօսութեան հանդէպ իր վերաբերումով:

Ի վերջոյ մեղանչում պէտք չէ ըլլայ հարց տալ, թէ ի՞նչ են տեսական հասարակ յայտարարի մը տարրերը Մոսկուայի եւ Պէյրութի հայերուն, Արժանթինի եւ Ֆրանսայի հայերուն, Պոլսոյ եւ Լոս Անճելըսի հայերուն, եւ բոլորին` Հայաստանի հայերուն: Հարցադրումը տարբեր բնոյթ ունի ընտանեկան-ազգականական կապերէ:

«Վերակառուցում»-ը պէտք է վերաբերի «հայկական խորք»-ի: Կրնանք համայնքային մարզախումբեր եւ պարախումբեր ունենալ, ունենալ գեղեցիկ ակումբներ եւ սրահներ, եկեղեցական շէնքեր`  շաբաթավերջի զբօսանքի կամ կիրակնօրեայ, տօնական, հարսանեաց, թաղման, մկրտութիւններու եւ աւանդական ծէսերու համար: Անոնք տեղական-անմիջականէ անդին ազգային հեռանկար ունի՞ն, անոնց «ղեկավարներ»-ը կը ծանծաղին տեղակա՞ն հրավառութիւններու գինովութեամբ, թէ՞ այդ բոլորին մէջ կը տեսնեն ազգային հասարակաց ապագայ մը: Աւելի պարզ. այդ նախաձեռնութիւնները ի՞նչ բանի կը միտին: Ինչպէ՞ս կը տեսնեն մասնատուած ազգի բեկորներու միացումը: Թէ՞ պարզապէս կ’ապրեցնեն «ծագումով» հայկական համայնքներ` առանց ազգային-քաղաքական հեռանկարի, առանց ըսելու, թէ ինչո՛ւ պիտի պահուին այդ համայնքները:

Միշտ պէտք է զգուշանալ փոքրամասնութիւնը շփոթելէ մեծամասնութեան հետ: Հաւկուրութիւն է ծառին ետին գտնուող անտառը չտեսնել:

Հայկական արտասահմանի վերակառուցումը ո՛չ բազմապատկուող միութիւններն են, ո՛չ գեղակառոյց շէնքերը, ո՛չ հայութեան ծանօթացման աշխատանքները եւ այդ գծով ձեռք բերուած ճանաչումները եւ ինքնահաստատման փորձերը:

Սփիւռք(ներ)ի վերակառուցումը հանդիսութիւններու եւ զիրար կրկնող խորհրդաժողովներու յուզումներով կարելի չէ իրականացնել: Ո՞ր ազգային գաղափարախօսութեան շուրջ պիտի խմբուին եօթը կամ տասը միլիոնի հաւաքականութիւնները:

Ինչպէ՞ս այդ գաղափարախօսութիւնը նախ պիտի հասնի իւրաքանչիւրին` իր յարկին տակ, ի՞նչ պէտք է ընել, որ ան որդեգրուի իւրաքանչիւրին կողմէ, դառնայ համոզում եւ յանձնառութիւն:

Հայկական սփիւռք(ներ)ը, զանգուածներ եւ ղեկավարութիւններ, տեղեակ պէտք է ըլլայ իր իրական պատկերին, սկզբնաւորման, ներկային եւ ժամանակի գիծին վրայ իր կրաւորականութեան հետեւանք յանգումին: Ապա միայն անոր պէտք է խօսիլ ազգային գաղափարախօսութեան մասին` հիմնաւորուած մարդկային, մշակութային, ինքնութեան պահպանման արժէքներու վրայ:

Երբ կը բացակայի սեփական արժէքներու գիտակցութիւնը, անոնք ծնունդ չեն տար տեսիլքի, բնական ընթացք կ’ըլլան ամէն կարգի բացասականութիւնները, որոնց թւումով կը յորդին ճառերը: Այսօր դեռ կրնանք խօսիլ տարբերութեան որոշակի կամ աղօտած գիտակցութեան մասին: Ի՞նչ կ’ընենք այդ գիտակցութիւնը կենդանի գործի եւ յանձնառութեան վերածելու համար: Տոկացող փոքրամասնութիւններ կան, որոնք կարծէք շերամի պէս կ’ապրին խոզակի մէջ: Անոնցմէ դուրս գտնուող, հեռացած, տարտղնուած, խզուած մեծամասնութիւնը անտեսանելի է:

Վաղուան հզօրութեան նուաճումը իրականութիւն կը դառնայ այն ատեն, երբ կ’երթանք դէպի այդ մեծամասնութիւնը: Շրջանակներ եւ շրջաններ կան, ուր նախաձեռնութիւններ չեն ըլլար, մեծանուններ հոն չեն երթար: Պէտք է երթալ դէպի այդ շրջանները եւ շրջանակները` մարդկային եւ նիւթական ներդրումներ ընելով, զրուցելով, առանց մարգարէ ըլլալու, լսելու եւ լսուելու ազնուութեամբ, միշտ տալով անձին օրինակը, օրինակի արժէքը շատ աւելի դիւրին կ’ըմբռնուի, քան` իմաստուն վերլուծումը կամ իմաստուն ճառը:

«Հայկական արտասահմանի վերակառուցումը» գործնական աշխատանքի օրակարգ պէտք է ըլլայ, ոչ որպէս աստ եւ անդ յիշուող ճառ զարդարելու կոչուած բառակոյտ, այլ` չյուսահատող նախաձեռնութիւն: Որակ, որ ոչ «պրիճ»-ի  հայերու ակումբ է, ոչ` զուարճացնող երգ ու պար:

Ճանչնալ եօթը կամ տասը միլիոնը, ընդունիլ զայն, ինչպէս որ է, հասնիլ իւրաքանչիւրին` իր յարկին տակ, վերականգնել, ինչ որ կորսուած է` պատմութիւն, լեզու, մարդկային իրաւունքի տիրութիւն եւ անոր հունով` ինքնութեան գիտակցութիւն, որ հայրենիք է եւ միասնաբար շարունակութիւն ըլլալու յանձնառութիւն:

Ո՞վ պիտի նախաձեռնէ, ինչպէ՞ս, ի՞նչ միջոցներով եւ որոնցմով: Ճիշդ է` կան սփիւռքի կազմակերպութիւնները, բայց կայ նաեւ անշրջանցելի Պետութիւն: Կան նաեւ նման ծրագիր մշակելու ատակ բեմերու վրայ չգտնուող ուժեր:

Միշտ մտածելով Յակոբ Օշականի իմաստութեան մասին, ըստ որուն, «մագաղաթը աւելի կ’ապրի, քան` մարմարը», այդ մարմարը ըլլայ անհատական թէ հաւաքական:

Իսկ երբ կը խօսինք եւ կը գրենք, կրկին պէտք է յիշել Յակոբ Օշականի խօսքը` ըսուած որպէս պատգամ Արամ Հայկազի. «Սիւս մի՛ ըներ»: Ինչպէս գրականութեան պարագային «սիւս» պէտք չէ ընել, «սիւս» պէտք չէ ընել կազմակերպական եւ քաղաքական կեանքի մէջ:

10 օգոստոս 2017, Փոնթիվի, Պրըթանեը, Ֆրանսա

 

*Ստորեւ գտնել նշեալ յօդուածը ամբողջութեամբ

Հայկական Արտասահմանի
Վերակառուցման Հեռանկարով

Մարդկային խմբաւորումները, հին թէ նոր ժամանակներու, զարգացած ընկերութիւններ ըլլան թէ ոչ, ունեցած են եւ ունին իրենց յատուկ կազմակերպութիւնը, որ կը ճշդէ եւ կը վարէ անհատներու եւ անոնց պատկանած ընկերային բջիջներու յարաբերութիւնները. ընտանիք, փոխանակութիւններ, մշակոյթ, իրաւունք եւ պարտաւորութիւն, հաւատք եւ նոյնիսկ անդենականը: Այս դրութիւնը կը գործէ` ըստ կառոյցներու եւ կանոններու: Առանց այս  կազմակերպութեան` ընկերութիւնը կը քակուի, կը դադրի գոյութիւն ունենալէ որպէս այդպիսին, կը լուծուի ուրիշ կազմակերպութեան մը մէջ, որուն ձեւերը եւ արժէքները կը տիրապետեն եւ կը փոխարինեն նախորդները: Այսպէս պատահեցաւ Նոր Աշխարհի նուաճումէն ետք, եւ բազմաթիւ ժողովուրդներ, զորս ցաւալի եւ անշնորհք սովորութեամբ նախնական կը կոչենք, կորսուեցան, անոնց կազմակերպութիւնը եւ կառոյցները չդիմացան, չպատշաճեցան գրաւողներու գիտութեան, քաղաքակրթութեան եւ արժէքներուն, որովհետեւ նոր հասնողները պարտադրեցին այլ կազմակերպութիւն:

Հայկական սփիւռքը անշրջանցելի իրողութիւն է: Վերադարձի քաղաքական իմաստութիւնը անքակտելիօրէն մաս կը կազմէ հայկական լինելութեան, եւ երբեք պէտք չէ փորձել այդ արմատախիլ ընել, այլապէս սփիւռքին կը պարտադրուի իր հոգին կորսնցնել: Պարզ է նաեւ, որ այս վերադարձը վաղը տեղի պիտի չունենայ: Պէտք չէ խաբկանքներով օրօրուիլ եւ օրօրել, սակայն Պատմութիւնը միշտ ալ անակնկալներ կրնայ վերապահել, քանի որ ան ճշգրիտ գիտութիւն չէ, հասցէն անորոշ է, առնուազն վիճարկումի առարկայ է: Հետեւաբար անհրաժեշտ է զարգացնել սփիւռքի հայկականութիւնը, գլխագրուած Օրուան համար, երբ պիտի հնչէ Վերադարձի Կանչը: Առանց այս զարգացման, երբ այդ Օրը հասնի, մենք կրնանք ունենալ հայասէրներ, բայց ոչ` Հայեր, կամ ինչպէս սովորութիւն է ըսել, կը մնան ծագումով հայեր, եթէ դեռ անդրադառնան, կամ անկէ բխած տարրական պարտաւորութիւններ, յանձնառութիւններ ընդունին:

Հայկական սփիւռքը այս խորհրդածութիւնները չէ սպասած ծնունդ տալու համար իր կազմակերպութիւններուն: Անոնք գոյութիւն ունին, բազմազան են: Վերիվայրումներով հարուստ տասնամեակներէ ետք, հայկական եւ միջազգային, հաւանօրէն հարկ է քննել անոնց այժմէականացման խնդիրը, անոնց պատշաճեցումը քաղաքակրթութեան եւ միջազգային կացութեան պահանջներուն: Այս վերջինը պէտք է գրաւէ մեր ամբողջական ուշադրութիւնը, քանի որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք նոր հաւասարակշռութիւններ կ’ուրուագծուին: Բացակայ ըլլալ` կը նշանակէ չստանձնել որպէս ազգ ապրելու եւ տեւելու պատասխանատուութիւնը եւ այդ իսկ պատճառով` հաւանօրէն փախցնել ոսկեղէն առիթներ: Այս ներկայութիւնը չի շփոթուիր բարեսիրութեան հետ, տափակութիւն մը, ոչ ալ զգացական հայրենասիրութեան հետ:

Հարցում. իսկապէս կը ճանչնա՞նք սփիւռքը: Չէ՞ք կարծեր, որ ժամանակը հասած է պատշաճ ընկերաբանական ուսումնասիրութեան մը` գիտական եւ ամբողջական: Նման ուսումնասիրութիւն ծախսալից է, անկասկած, բայց անհրաժեշտ` բազմաթիւ պատճառներով: Անոր տուեալները, արդիւնքները թոյլ պիտի տան խուսափիլ ամէն կարգի քաղաքական, ամբոխավարական, ազգային եւ միջազգային շահագործումներէ: Իր ներշնչումով եւ ձեւով գիտական` ան չի կրնար ո՛չ մասնակի ըլլալ եւ ո՛չ ալ կողմնակալ, մանաւանդ` կողմնապաշտ: Այդ իրականացնելու համար նախ անհրաժեշտ է ցուցաբերել իսկական ազգային-քաղաքական-հասարակաց կամք, որ գոյութիւն չունի, քանի որ մեզի կը պակսի անառարկելի բարոյական հեղինակաւոր ղեկավարութիւնը, դժբախտաբա՛ր: Կրնա՞նք շրջանցել այս գլխաւոր դժուարութիւնը: Հարկ է խօսիլ այդ մասին:

Այս գիտական ուսումնասիրութիւնը ծախսալից եւ երկարաշունչ աշխատանք է, սիրողներու երեկոյեան աշխատանք, զբաղում չէ: Կարելի չէ զայն իրականացնել զանազան եւ զարմանազան կարծիքներ գումարելով, կարծիքներ, զորս կը լսենք սրճարանի մէջ, երբ ոտքի կը սպասենք փոքրիկ բաժակը: Այս ուսումնասիրութիւնը կրնայ նոյնքան սուղ արժել, որքան, չեմ գիտեր, ո՛ր շէնքի կառուցումը, եթէ ո՛չ աւելի: Բայց ան իր մէջ կը պարունակէ, կը կրէ ամբողջ հայկական սփիւռքի ապագան:

Ինչպէ՞ս յառաջացնել այդ հասարակաց քաղաքական կամքը, որ արտայայտութիւնը կամ հետեւանքը չըլլայ խորամանկութիւններու եւ մանրիկ շահերու, որոնք կը դալկացնեն մեր ազգային-համայնքային կեանքը: Գունագեղ ժողովները կրնա՞ն Պենտեկոստէի լուսամտութեան պահու մը արտայայտել այդ կամքը եւ զայն գերանցել:

Ոչինչ, գրեթէ ոչինչ գիտենք սփիւռքի մասին. համրանք, ծնունդներ, հայախօսութիւն, հայկականութեան հետ կապի գնահատում, ուսման մակարդակ, արհեստներու եւ ասպարէզներու թիւ եւ տոկոս, տնտեսական եւ դրամական կարողութիւն: Ինչպէ՞ս  կարելի  է  տեսութիւններ  եւ նախատեսութիւններ բանաձեւել բնակչութեան մը համար, որուն մասին ոչինչ գիտենք, գրեթէ ոչինչ, որուն մասին կրնանք խօսիլ միայն կոշտ եւ անտաշ գնահատումներով…

Որպէսզի հայկական սփիւռքը ձեռք բերէ քաղաքական, մշակութային, տնտեսական որոշ միութիւն եւ կարելի ըլլայ անոր ներշնչել ինք իր մասին որոշ տեսիլք, տեսիլքը` իր ապագային, անհրաժեշտ է, որ ան ինքզինք ճանչնայ որոշակի ճշգրտութեամբ, որոշողները զայն ճանչնան: Կարելի չէ միլիոնաւոր մարդիկ առաջնորդել` առանց այդ հաւաքականութեան գրեթէ ճշգրիտ ճանաչման, ցրուած հաւաքականութիւն` մեր պարագային, որուն գլխաւոր յատկանիշներէն մին է բաղկացնող անհատներու եւ խումբերու յարաշարժ վիճակը:

Զարմանալի է, որ եկեղեցիները եւ կուսակցութիւնները նախաձեռնարկ չեն եղած ցարդ նման գիտական ուսումնասիրութիւն մը իրականացնելու համար` շեմին ձգելով սիրողականութիւնը եւ երեւակայածին գնահատումները, զգացական ամբոխավարութիւնը եւ մնացեալը:

Երբ հայկական արտասահմանը կը դիմագրաւէ բազմապիսի խնդիրներ, հին թէ նոր, անընդունելի է շարունակել գաղթականական, վերապրողի եւ համայնքի ժառանգուած գաղափարներով:

Չկա՞յ մեկենաս մը, որ կատարէ անհրաժեշտ յատկացումը: Հարցը չի վերաբերիր ո՛չ քարի եւ ո՛չ դեղի, այլ` մեր ճշգրիտ ինքնաճանաչման:

Մի՞թէ աւելորդ պահանջ է ասիկա:

Կարելի է գիրքի ճակտին գրել. Ուսումնասիրութիւնս իրականացաւ արդեամբ եւ ծախիւք ազգային բարեբար… կը դնենք յատուկ անունը: Ամենայն լրջութեամբ:

7 յունուար 1997

 

Նուիրումի Քառուղիներ (1896 Պանք Օթոման)

$
0
0

Ի Յիշատակ Ս. Վահագնի (Գրիգոր Նալպանտեան) (Պանք Օթոմանի Մասնակից Հնչակեան Յեղափոխական)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ 

Յեղափոխական աշխատանքի եւ անձնազոհութեան մասին է խօսքը:

Ազգային գիտակցութեան, ժողովրդասիրութեան եւ հայրենապաշտութեան վառ օրինակներ լոյսին բերելու մասին է վերեւ յիշատակուածը:

Հակաթուրք պայքարի քառուղիներու ամբողջ տեսադաշտին մէջ, միասնական  ոգիի շեշտն է, որ կը դրուի ամէն քայլափոխի:

Աւելի՛ն. թէեւ երփներանգ բայց մէկ ուղղութեամբ ծածանող դրօշին ծառայելու եւ անոր հովանիին տակ մնալու կոչն է, որ կ՛ուզենք լսելի դարձնել ամէն պատեհ առիթի:

Արդարեւ,

Կը յիշեմ, որ առիթով մը անդրադարձած էի, թէ Պանք Օթոմանի գործողութեան իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ հնչակեան յեղափոխական(ներ) մը: Անունը չէի նշած, որովհետեւ անոր կեանքին մասին հատ ու կենտ տեղեկութիւն ունէի: Սակայն օրին փորձած էի վերլուծել երեւոյթը, ընդգծել անոր հրաշալի խորհուրդն ու առհասարակ  թողած ազդեցութիւնը գալիք սերունդներուն վրայ:

Յայտնապէս յօդուածին մէջ շեշտադրելին կը մնար այն, որ զազիր թուրքին դէմ մղուող պայքարին մէջ հայ յեղափոխականներու միասնական աշխատանքն ու օրինակելի կեցուածքը, ուժերու մէկտեղումն ու հարուածելու կամքը բացառապէս կը բխէր հայութեան գերագոյն շահերէն:

Եւ ահա դաստիարակիչ օրինակ մըն էր Ս. Վահագնի յեղափոխական ու ազգային գործունէութիւնը:

Ամիսներ առաջ շնորհակալութեամբ ստացած էի «Ս. Վահագն (Գրիգոր Նալպանտեան)» անունով մակագրուած գիրք մը, որուն հեղինակն էր գրող, մտաւորական տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան: Խորքին մէջ պատկառելի ուսումնասիրութիւն մըն էր յեղափոխական գործիչի մը մասին, որուն կեանքը, ինչպէս բազում նուիրեալներու, զոհողութեան, նուիրումի, տառապանքի եւ մարտնչումներու աշխարհ մըն էր եւ սրտօրէն կ՛առնչուէր հայ ժողովուրդի ժամանակակից յեղափոխական ու ազգային պատմութեան:

Ինչպէս միշտ, երբ նոր հրատարակուած գիրք մը գրասեղանիդ վրայ կը հանգչի, անմիջական հետաքրքրութենէ թելադրուած, կ՛արժանանայ մասնակի ընթերցման, հետագային զայն ամբողջացնելու միտումով:

Այս պարագային «օրէնք»-ի կարգ անցած այս մօտեցումը զիջեցաւ եւ էջ առ էջ ընթերցումը մեզ տարաւ մինչեւ աւարտ:

Հակիրճ ակնարկ մը բաւարար է խորապէս ըմբռնելու այս յեղափոխականին այնքան հարուստ կենսագրութիւնն ու նուիրումի ճանապարհը: Սեբաստիոյ ծնունդ այս տղեկը, տակաւին երիտասարդ կը միանայ Հնչակեան կուսակցութեան շարքերուն եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Գումգափուի եւ Պապ Ալիի ցոյցերուն:

Ան նաեւ կը մասնակցի Պանք Օթոմանի գրաւման գործողութեան, ուր կը վիրաւորուի, կ՛ապաքինի եւ ապա կը փոխադրուի Պաթում: Այնուհետեւ Ս. Վահագնի կեանքին յեղափոխական ու կազմակերպչական աշխատանքի քառուղիները կ՛ըլլան այնքան ճիւղաւորուած եւ տարբեր աշխարհատարածք ընդգրկող, որ մարդ կը զարմանայ անոր ունեցած եռանդին, անկոտրում կամքին, քաջութեան, նուիրումին եւ մանաւանդ` պայքարի գիտակցութեան:

Փաստօրէն, Ս. Վահագն գործուն ներկայութիւն եղած է հայ ժողովուրդի 20-րդ դարու առաջին քսան տարիներու յատկանշական բոլոր իրադարձութիւններուն մէջ: Հայ եկեղեցական կալուածներու բռնագրաւումէն մինչեւ հայ-թաթարական կռիւներ, պարսկական սահմանադրական մարտերէն մինչեւ հայ կամաւորական գունդերու կազմութիւն: Ան ներկայ է եղած ամէնուրեք, առաւելագոյն տրամադրուածութեամբ եւ վեհանձնօրէն:

Ան իր կամաւորներով կը միանայ Ե. կամաւորական գունդին, մօտէն կը գործակցի դաշնակցական յեղափոխականներ Խանասորայ Վարդանի, Իշխան Յովսէփ Արղութեանի եւ այլ նուիրեալներու հետ: Էական աշխատանք կը տանի գունդերու պարէնաւորման մէջ: 1915 մայիսին կը մտնէ Վան: Ան լայնածիր աշխատանք կը տանի ժողովուրդի նահանջը ապահովելու եւ տարբեր գաւառներու մէջ իր օժանդակութիւնը կը բերէ Ցեղասպանութենէ ճողոպրածներու, ինչպէս նաեւ կը լծուի որբերու հաւաքման աշխատանքին: Կապ կը հաստատէ Տէրսիմ քիւրտերուն հետ, կը մասնակցի Պաքուի (1920) կռիւներուն եւ ապա կ՛անցնի Պոլիս, Կիլիկիա, հոնկէ` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:

Կազմակերպչական լայն գործունէութիւն կ՛ունենայ հայահոծ տարբեր գաղութներու մէջ եւ իր մահկանացուն կը կնքէ Հայաստանի հողին վրայ, 1953-ին:

14 օգոստոս 1896:

Հայ յեղափոխութեան պատմութեան մէջ արձանագրուած սոսկական պատահար մը չէ այս թուականը: Քանի մը յեղափոխական գործիչներու կողմէ կազմակերպուած արարքէ մը աւելին էր այս սրբազան գործողութիւնը, որ ունէր յստակ թիրախ ու նպատակ: Այս պահուս զանց կ՛առնեմ պատասխանել այն մտածումներուն, որոնք կը վերաբերին այս գործողութեան զգացականութեան, արդիւնքին եւ անոր ունեցած հետեւանքին մասին:

Արդարեւ, 1895-96 համիտեան սպանդներու դէմ հայ վրիժառու տղոց կեցուածքն էր այս գործողութիւնը` ուղղուած, առաջին հերթին, նոյնինքն գազանաբարոյ թուրքին եւ ապա միջազգային հանրութեան, որ լռութեամբ եւ անբարոյութեամբ կը հետեւէր հայութեան դէմ սանձազերծուած ջարդերուն եւ կը բաւականանար մեղկութեամբ յագեցած կարգախօսեր արձակել աջ ու ահեակ:

Եւ ահա, ատենի Կոստանդնուպոլսոյ ՀՅ Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով եւ նախաձեռնութեամբ սկիզբ կ՛առնէր նման աշխատանքի մը ձեռնարկումը: Իսկ ո՞վ էր այս միտքն ու գաղափարը յղացողը, անոր իրականացման ձգտողն ու քաջարի ղեկավարը:

Բաբգէն Սիւնի (Պետրոս Փարեան):

23-ամեայ հրաշք տղու մը կերպարը յատկանշող եւ աղքատ ընտանիքի զաւակ այս յեղափոխականը կը տարբերէր ուրիշներէ իր կազմաւորումով, հաւատամքի ցոլքերով եւ յեղափոխականի առանձնայատկութեամբ: Անոր ուժեղ եւ բոցավառ կամքին արտայայտութիւնն էր նման մտայղացք, անոր յանդուգն եւ ըմբոստի կեցուածքին շօշափելի արդիւնքն է դրամատան սեմին նահատակութիւնը:

Բաբգէն Սիւնիի ժողովրդասիրութիւնը, տառապեալ ազգին վրէժը լուծելու անոր պատրաստակամութիւնը արդէն բաւարար ազդակներ էին` թուրքը իր որջին մէջ հարուածելու եւ միջազգային հանրային կարծիքը ցնցելու:

Ան, շնորհիւ իր դաշնակցականի արժանիքներուն եւ խոր հաւատամքին, կազմակերպչական տաղանդին եւ իւրօրինակ մտածելու եղանակին կրցաւ շրջանցել թուրք ոստիկանութեան արգելքները, հայ դաւաճաններու եւ լրտեսներու գոյութիւնը եւ գաղտնապահի մեծութեամբ կազմակերպել Պանք Օթոմանի գրաւումը:

Միւս կողմէ, պէտք չէ մտահան ընել այն իրողութիւնը, որ Բաբգէն Սիւնիի աջակից էին ՀՅԴ Բիւրոյի վաստակաւոր անդամներ, յանձինս` Յովհաննէս Եուսուֆեանի եւ Արշակ Վռամեանի: Անոր անմիջական գործակիցներ էին նոյնքան հերոս տղաներ` Արմէն Գարօ, Հրաչ Թիրիաքեան, Վարդան Շահպազ, Մուշեղ եւ շատ ուրիշ նուիրեալներ, որոնք միասնաբար կերտեցին հայ յեղափոխութեան փառքը:

Պանք Օթոմանի գրաւումը եւ տղոց դիմադրութիւնը թրքական ոստիկան թէ բանակային գունդերու յարձակումներուն արդէն ցուցանիշ էր հայ յեղափոխականին տոկուն կամքին ու թշնամին հարուածելու նախանձախնդրութեան:

Ըսուածին լաւագոյն ապացոյցն էին Սամաթիոյ թաղերուն մէջ կատարուած հակաթուրք յարձակումները` յանձին Խաչիկ Գնունիի եւ իր քաջարի ընկերներուն:

Պանք Օթոմանի դրամատան մէջ պատահած զինուորական գործողութեան առընթեր, օտար պաշտօնեաներ թէ պատասխանատու անձիք ականատես էին հայ յեղափոխականին մարդկային վերաբերումին ու հայաբոյր կեցուածքին: Անոնք իրենց աչքերով շօշափեցին այն փաստը, որ հայ մարտունակ ֆետային չէր եկած աւազակութեան, ոչ ալ` մարդասպանութեան: Անոնք ունէին ազգային պահանջներ եւ սրբազան դատ, ուխտաւորներն էին իրենց տառապեալ ազգին եւ արդարադատ բազուկները:

Այո՛, թէեւ գրաւման գործողութիւնը իր լրումին կը հասնէր պարզապէս խօսքի ու խոստումի փոխանակումներով, այդուամենայնիւ անոր ազդուութիւնն ու արձագանգը կը շարունակէ հրդեհել պատանի թէ երիտասարդ սերունդներ:

Ինչպէս միշտ, այսօր ալ կը շեշտենք, որ վերանկախ հայրենիքի հողին վրայ եւ սրբազան Արարատի հայեացքներուն ներքեւ հայ յեղափոխութեան պատմութեան մէյ-մէկ դրուագի ծանօթացումն ու վերարժեւորը աւելի քան հրամայական պահանջ է:

Փաստօրէն, սերունդներու դաստիարակութիւնն ու ինքնաճանաչման մղելու աշխատանքները էապէս խարսխուած պէտք է ըլլան ազգային պատմագրութեան ակօսներուն մէջ, որպէսզի հայ պատանիին ու երիտասարդին մտաշխարհը ծանօթանայ այնպիսի արժէքներու, որոնք անփոխարինելի նշաձողերն են եւ ապաւէն կայմերը:

Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ աւելի քան 120 տարի է հայութիւնը կը յիշէ իր անցեալի փառապանծ պատումները, թէկուզ անոնք թաթախուած ըլլային զգացականութեան,  դառնութեան եւ տառապանքի կայլակներով:

Պանք Օթոմանի աքթը միասնականութեան խորհրդանիշ է ըստ էութեան, բայց մանաւանդ` հայոց հարուածող բազուկի եւ վրիժառու կեցուածքի վաւերական արտայայտութիւն:

11 օգոստոս 2017

Ակնարկ. Աշխարհակարգային Իրադրութիւններ. Չինական Բեւեռի Կայացման Ընթացքը

$
0
0

Միացեալ Նահանգներու նախագահին անկանխատեսելիութեան եւ անոր կապուած վտանգաւորութեան մասին հարուստ վերլուծական գրականութիւն կայ միջազգային կեդրոններու հրապարակումներուն եւ յատկապէս միջազգային մամուլին մէջ: Նախորդ վարչակարգին օրով դէպի բնականոնացում ընթացող իրանաամերիկեան եւ Քուպա – Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները կտրուկ շրջադարձներ կատարած են արդէն: Տակաւի՛ն. հարաւամերիկեան տարածաշրջանին մէջ  թէժ իրավիճակներ կը ստեղծուին Ուաշինկթընէն Քարաքաս սպառնական ոճի հռետորաբանութեան առաստաղի բարձրացումով:

Կեդրոնական Ամերիկայէն անցնելով Հարաւային Ամերիկա, հասնելու համար Միջին Արեւելք, Ուաշինկթընի ղեկավարը կը խօսի վերջնաժամկէտներով, խզումի սպառնալիքներով, անվերջ պատժամիջոցներ վերանորոգելով, նորերը խոստանալով:

Այս երեք տարածաշրջաններուն վրայ կ՛աւելնայ Ծայրագոյն Արեւելքը, յատկապէս Փիոնկիանկ -Ուաշինկթըն աննախընթաց փոխադարձ սպառնալիքներու մագլցողականութեան արձանագրումով: Այստեղ սպառնալիքներու տարափը առաւելագոյնն է, բարձրակէտն է. եթէ մինչ այդ տնտեսական պատժամիջոցներու կամ դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզումին մասին էր խօսքը, հիմա, եթէ յայտարարութիւններու բովանդակութիւնը նկատի ունենանք եւ այս շրջագիծին մէջ կատարուած սպառնալիքները, աշխարհը յայտնուած է հիւլէական պատերազմի սեմին:

Ուշագրաւ երեւոյթներով միջազգային մամուլը իրավիճակը համեմատեց Քենետիի օրերուն Ուաշինկթըն – Քուպա ստեղծուած տագնապին: Կարելի չէ հաստատել, որ բոլորովին անհամեմատելի են ստեղծուած երկու իրավիճակները, այսուհանդերձ Քենետիի եւ գործող նախագահին քաղաքական բանականութեան դրսեւորումները կարելի է ըսել, որ ընդհանրութիւններ չունին:

Որքան ալ անկանխատեսելի ըլլայ Թրամփի կերպարը, այսուհանդերձ Ուաշինկթընի մէջ կը գործէ վարչակառավարման համակարգ մը, որ կը թուի, թէ իրադարձութիւնները վերահսկողութենէ դուրս բերելու միտումները զսպող անշրջանցելի օղակ է: Տարբեր տարածաշրջաններու մէջ վերահսկելի քաոսային իրավիճակներ եւ դրութիւններ ստեղծելու վարքագիծը միայն Թրամփի օրով չէ, որ սկսած է, տասնամեակներու վրայ յենած եւ միեւնոյն այդ վարչակառավարման համակարգի քաղաքականութեան արդիւնքն է:

Խնդիրը երեւութապէս կը թուի տարբեր ըլլայ Փիոնկիանկի պարագային, ուր իշխող նախագահը եւս անկանխատեսելիութեան ընդհանուրութիւն ունենալով հանդերձ Ուաշինկթընի իր գործակիցին հետ, ունի հիմնական տարբերութիւն: Փիոնկիանկը գէթ առայժմ փաստը չէ տուած, որ անկանխատեսելի ղեկավարի ետին կայ համակարգ մը, որ կրնայ զսպել զինք իր յայտարարութիւնները գործադրելու ընթացքին: Այստեղ արդէն աւելի կարմիր լոյս կը ստանայ վտանգաւորուածութեան աստիճանաչափը:

Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ Հիւսիսային Քորէայի պարագային գոյութիւն չունի զսպիչ օղակ: Ի տարբերութիւն ամերիկեան վարչակառավարման համակարգին, Հիւսիսային Քորէայի զսպիչ կամ անուղղակիօրէն հրահրիչ օղակը Փեքինն է: Չինական բեւեռը տնտեսական դերակատարութեան առընթեր շատ լուրջ գործօն է հետզհետէ ռազմաքաղաքական առումով:

Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական ռազմափորձերը, այլ պետութիւններու ջրային տարածքներ հատելու նախադէպերը, հակառակ ամերիկեան սպառնալիքներուն ռազմափորձերու շարունակութիւնը, յայտարարութիւններու մագլցողականութիւնը եւ ներքին շուկայի մէջ ռազմատենչ մթնոլորտի ահագնացումը չինական ներշնչանքներ կրնայ ունենալ:

Փեքինը նախ լուռ դիտելով, հանդուրժելով, անուղղակի քաջալերելով քորէական ամբողջ ընթացքը, այժմ ողջմտութեան ուղերձներ կ՛ուղարկէ երկուստեք եւ լարուածութեան բացառապէս քաղաքական լուծում տալու յորդորներ կը յղէ կողմերուն:

Փեքինեան բեւեռը այս հարցին մէջ կը ներառէ նաեւ Մոսկուան. պատահական չէ, որ հարցի լուծման համար Փեքին – Մոսկուա «կրկնակի սառեցման» թղթածրարը իբրեւ միացեալ առաջարկ կը ներկայացուի քորէական թերակղզին հիւլէական պատերազմէ փրկելու նպատակով:

Չինական միջնորդութիւնը գերակշիռ է այս պարագային. իսկ այս միջնորդութիւնը էական նախադրեալ է նաեւ չինական բեւեռի կայացման գործընթացին մէջ:

«Ա.»

Նիկոլ Աղբալեան (1873-1947). Հայաստանի եւ հայութեան հայացման ու ազգային որակի բիւրեղացման առաքեալը

$
0
0

Բազմաշնորհ ու տաղանդաշատ մտքի եւ մշակոյթի մշակ, ազգային-պետական ղեկավար գործիչ եւ քաղաքական-հասարակական անձնուէր առաջնորդ մը եղաւ Աղբալեան, որ իր կեանքը աւարտեց տարագրութեան մէջ՝ իբրեւ մեծ մանկավարժ եւ հանրային դաստիարակ, իր անունը անջնջելիօրէն կապելով Համազգայինի Հայ Ճեմարանին (հետագային «Նշան Փալանճեան», իսկ այժմ «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան»)։

Բառին խորագոյն եւ ընդգրկուն իմաստով՝ Հայաստանի ու հայութեան արդի ժամանակներ մուտքին եւ ինքնահաստատումին Առաքեալը եղաւ Նիկոլ Աղբալեան։ Անսակարկ եւ անձնուէր ծառայութեան լծուեցաւ հոն, ուր հայ ժողովուրդը կարիքը ունէր իր տաղանդին, իմաստութեան եւ մղիչ ուժին։ Եւ ուր որ ալ գործեց, Աղբալեան արժանաւորապէս տէր կանգնեցաւ Հայաստան Աշխարհի եւ Հայ Ժողովուրդի ազգային որակին բիւրեղացումը եւ ՀԱՅԱՑՈՒՄը յառաջ մղելու իր կոչումին։

ՀԱՅԱՑՄԱՆ մարտահրաւէրը թիւ 1 խնդիրն էր Աղբալեանի եւ իր ամբողջ սերունդին։

Քսաներորդ դարասկիզբին Հայաստանն ու հայութիւնը կը դիմագրաւէին ե՛ւ ֆիզիքական¬ժողովրդագրական, ե՛ւ հոգեմտաւոր առումներով հայացման՝ հայ ազգային որակի ինքնամաքրման եւ բիւրեղացման մարտահրաւէրը։ Դարաւոր գերութիւնը ոչ միայն Հայաստան Աշխարհը վերածած էր եկուոր եւ հայամերժ տարրերով բնակուած խառնարան երկրի մը, այլեւ աւելի հիմնականը՝ այլասերման ու տժգունացման դատապարտած էր հայ ազգային կերպարը։

Հայոց ազգային-ազատագրական պայքարը նոր սկսած էր թափ առնել եւ իր առաջին քայլերէն իսկ դէմ յանդիման կանգնած էր ՀԱՅԱՑՄԱՆ մարտահրաւէրին։ Օսմանեան, Պարսկական թէ Ցարական տիրապետութեանց տակ տարտղնուած ապրող մեր ժողովուրդը ոչ միայն ամէն քայլափոխի կռնակէն դաշունահար կ’ըլլար եկուոր եւ հայամերժ տարրերու կողմէ, այլեւ՝ կը բախէր իր իսկ շարքերը վարակած ստրկական համակերպումի եւ սեփական մորթը ամէն գնով փրկելու Չարիքին։ Հայը ներքնապէս կորսնցուցած էր իր ազգային ինքնութիւնն ու որակը բնորոշող ու պայմանաւորող արժէքներն ու արժանիքները։ Ազատ ու արժանապատիւ կեանքի եւ հոգեմտաւոր լոյսի արարման համար ամէն կարգի բռնութեան, կաշկանդումի եւ ստրկացման դէմ ծառացող Հայկ Նահապետի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի մարմնաւորած ՀԱՅը ուծացման անդունդն ի վար թաւալգլոր անկումի մէջ էր։

Հարկ էր շրջել պատմութեան կործանարար անկումի ընթացքը։

Հարկ էր վերականգնել Հայաստան Աշխարհին եւ հայ ժողովուրդին ազգային նկարագիրն ու դէմքը՝ ե՛ւ էութեամբ, ե՛ւ աշխարհաքաղաքական իմաստով, ֆիզիքապէ՛ս։

Նիկոլ Աղբալեան ա՛յս առումով եղաւ առաքեալը հայ ազգային որակի եւ Հայաստան Աշխարհի ՀԱՅԱՑՄԱՆ՝ ինքնամաքրման եւ բիւրեղացման մեծ մարտահրաւէրին արժանաւորապէս ընդառա՛ջ քալելով, յաղթակա՛ն սլացք նուաճելով։

Ծնած Թիֆլիս՝ 1873ի Մարտ 24ին, Աղբալեան համեստ ընտանիքի զաւակ էր։ Թիֆլիսի Նեսիսեան վարժարանը եւ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը աւարտելէ ետք, նուիրուեցաւ ուսուցչութեան եւ գրական¬քննադատական յօդուածներով կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ ատենի թիֆլիսեան հեղինակաւոր «Մուրճ» ամսագրին՝ անմիջապէս ուշադրութիւն գրաւելով եւ հռչակի արժանանալով։ Հակառակ նիւթական իր անձուկ պայմաններուն, ամէն ճիգ թափեց եւ յաջողեցաւ բարձրագոյն ուսման դասընթացքներու հետեւիլ Մոսկուայի, Փարիզի եւ Լօզանի համալսարաններուն մէջ։

Երիտասարդ տարիքէն Աղբալեան միացաւ Դաշնակցութեան եւ իր ամբողջ կեանքն ու հասարակական գործունէութիւնը կապեց իր պաշտած կուսակցութեան, որուն հոգեմտաւոր եւ բարոյական աւանդներու ստեղծման մէջ անզուգական ներդրում ունեցաւ։

1900ականներու սկզբնաւորութեան, Նիկոլ Աղբալեան արժանաւորապէս իրագործեց հայոց հոգեմտաւոր աշխարհի հայացման իր առաքելութեան առաջին փուլը։ Ռուսական եւ եւրոպական ազատախոհ ու յառաջադէմ արժէքներով հայ գրական-մշակութային կեանքը պատուաստելու եւ վերաշխուժացնելու ազգային ուղին հունաւորեց։ Եղաւ անբաժան զինակիցը Յովհաննէս Թումանեանի, որուն հետ ձեռնամուխ եղաւ Թիֆլիսի հայ երիտասարդ մտաւորականութեան «Վերնատան հանդիպումներ»ու կազմակերպումին եւ աշխուժացումին։ Դարձաւ դրօշակիրը գրական այն մեծ շարժումին, որ հայոց հոգեմտաւոր բազմադարեան հարստութեան վերանորոգումին մէջ տեսաւ եւ հաստատեց վաղուան հայ մշակոյթի որակական ոստումին ակունքները։

1909էն 1912 Աղբալեան վարեց Թեհրանի հայոց ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը, իսկ 1913ին՝ Թիֆլիս վերադառնալով, Արշակ Ջամալեանի հետ խմբագրեց Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»ը, որ մինչեւ Հայաստանի անկախութեան կերտումն ու Հանրապետութեան հռչակումը արեւելահայ իրականութեան մէջ կատարեց հանրային լուսաւորումի մեծ գործ՝ ամբողջացնելով առաքելութիւնը Պոլսոյ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ին, որ արեւմտահայ իրականութեան մէջ մտաւորական հնոց դարձած էր։

Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ, Նիկոլ Աղբալեան յառաջապահներէն եղաւ Հայոց Ազգային Խորհուրդի ստեղծումին՝ իր հեղինակութիւնն ու կազմակերպական շնորհը ծառայեցնելով Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին ու յաղթարշաւին։ Իսկ երբ ռուսական զօրքերու նահանջին հետ Արարատեան Դաշտը լեցուեցաւ արեւմտահայ գաղթականութեամբ, Աղբալեան հոգածու հօր անձնուիրումով փարեցաւ գաղթականներու պատսպարման, սնման եւ բուժման դժուարին գործին։ Հայաստանի անկախացումով՝ պատգամաւոր ընտրուեցաւ յաջորդաբար Հայաստանի Խորհուրդին եւ Հայաստանի Խորհրդարանին՝ 1918-1919 պատմական նշանակութեամբ մեծ ներդրում ունենալով Հայաստանը թաթարներէ մաքրելու գործին մէջ։ 1919էն սկսեալ, Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան մէջ ստանձնելով Լուսաւորութեան նախարարի պատասխանատուութիւնը, Աղբալեան հիմը դրաւ Երեւանի Պետական Համալսարանին, ինչպէս եւ ստանձնեց հովանաւորութիւնը Չարենցի օրինակով այլախոհ գրողներու եւ մտաւորականներու, ի սպաս հայ մշակոյթի եւ արուեստի պետական ծաղկումին։

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Աղբալեան իր կարգին, Փետրուար 9ին, ձերբակալուեցաւ եւ բանտ նետուեցաւ պոլշեւիկներու կողմէ, որոնց գործադրած չարչարանքներէն եւ հաւատաքննչական խժդուժութիւններէն փրկուեցաւ միայն Փետրուարեան համաժողովրդական ապստամբութեան շնորհիւ, երբ ըմբոստացած ժողովուրդը խուժեց բանտերը եւ պոլշեւիկեան կապանքներէն ազատ արձակեց իր պաշտած հերոսներն ու մտաւորական հեղինակութիւնները։

Ապստամբութեան ընկրկումէն ետք եւ Հանրապետութեան դաշնակցական ղեկավարութեան երկրէն հեռացումին հետ, Աղբալեան անցաւ Ատրպատական, ուրկէ կարճ ժամանակ անց մեկնեցաւ Աղեքսանդրիա՝ Եգիպտոս։ Մինչեւ 1928 մանկավարժական գործունէութիւն ծաւալեց Եգիպտոսի մէջ, ուր Լեւոն Շանթի հետ «Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Միութիւն»ը հիմնելով՝ երկուքով անցան Պէյրութ (Լիբանան), ուր 1930ին հիմնեցին Համազգայինի «Հայ Ճեմարան»ը։

Մինչեւ 15 Օգոստոս 1947ի իր մահը, Լեւոն Շանթի կողքին անխոնջ կանգնելով՝ Աղբալեան ծաւալեց ե՛ւ մանկավարժական, եւ հայագիտական եռուն գործունէութիւն։ Դասաւանդեց Հայ Գրականութեան Պատմութիւն, Գրաբար հայերէն եւ Հայ Մատենագիտութիւն, նաեւ Ժողովրդային Լսարաններ կազմակերպեց, որպէսզի տարագիր ու գաղթական հայութեան լայն բազմութիւններուն փոխանցէ հայ մշակոյթի եւ արուեստի պաշտամունքը։

Այդ տարիներու իր տքնաջան աշխատանքին արգասիքը եղան գրական¬քննադատական, բանասիրական եւ ազգային¬գաղափարաբանական իր արժէքաւոր գործերը։ Այդ շարքին՝ «Սայաթ-Նովա» մենագրութիւնը, «Հայ Մատենագիտութիւն» դասագիրքը, «Մտածումներ Հ.Յ.Դաշնակցութեան մասին» կոթողական աշխատութիւնը ու համազգային հնչեղութեամբ առանձին դէմքերու եւ դրուագներու նուիրուած իր յօդուածները։

Առիթով մը եւ Ճեմարանի առաքելութեան անդրադառնալով՝ Աղբալեան գրած է, թէ «Ճեմարանը մի տաճար է, ուր կþաղօթեն հայ մշակոյթի սուրբերուն»։ Հայացման մեծ առաքեալին համար, խորքին մէջ, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդն էին այդ «Ճեմարան»ը, ուր Աղբալեան Մեծ Հայուն անձը, կեանքն ու վաստակը անլռելի աղօթք մը եղան ի պահպանութիւն, օրհնութիւն եւ վերամկրտութիւն հայ հոգիի սրբութիւններուն։

Այդ ներշնչումով ալ Հայկական Ազատամարտի գաղափարական եւ բարոյական արժէքներուն անկրկնելի մեկնաբանն ու քարոզիչը եղաւ Աղբալեան, որ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ սորվեցուց իրերայաջորդ սերունդներուն, շարքային կուսակցականներ ըլլան անոնք թէ Հայաստանի ու հայութեան պաշտամունքով ապրող անկուսակցականներ։

Նիկոլ Աղբալեանի Աւանդը գաղափարական եւ բարոյական՝ հոգեմտաւոր վերանորոգման ու բիւրեղացման առիթ է Հայաստանն ու Հայը ոգեղէն պաշտամունքի աղբիւր դաւանող իւրաքանչիւր հայու համար։

Հայ մարդը միշտ ալ սորվելու բան եւ պատգամ պիտի գտնէ Դաշնակցականութեան անկրկնելի այս ուսուցիչին խորաթափանց մտածումներուն մէջ.

– «Դաշնակցականն իր անձին մէջ վերակազմում է նոր հայութեան տիպարը, բորբոքելով ժառանգական արութեան կայծերը, որ մնացած են անթեղուած եւ յարաճուն խիզախութեամբ խարանելով ու սպիացնելով ժառանգական ստրկութեան վէրքերը։

«Այս բարոյական յեղաշրջումը ամենից աւելի յատկորոշ գիծն է մեր կուսակցութեան։

«Սասունցի Դաւթի աւանդական տիպարն է, որ կուսակցութիւնը կենդանացնում է «դաշնակցական»ի մէջ, յեղաշրջելով մի դարաւոր մտայնութիւն։ Այս յեղաշրջման ճամբին «դաշնակցական»ը կորցնում է շատ անձնական շահեր եւ խզում է շատ թանկագին կապեր, բայց նրա աչքին չեն երեւում այդ կորուստները, որովհետեւ մի կողմից խթանում է Կանոնագրի» [դաշնակցականի երդման մէջ սահմանուած] պահանջը՝ «ամէն ջանք թափել», որին նա յանձնառու է դարձած, միւս կողմից կշտամբում կամ քաջալերում է նահատակ ընկերների թանկագին յիշատակը, որ հսկում է անմար. ընկերներ, որ ոչ մէկ բանով պակաս էին նրանից եւ յաճախ շատ բանով առաւել, եւ որոնք սակայն մեռան պայքարի ճամբին, կուսակցութեան դրօշը թողնելով իրան։

«Դաշնակցականն այսպիսով մի ուրոյն բարոյական աշխարհ է, ուրոյն ըմբռնումներով ու բարքերով, որ ստեղծում եւ սնուցանում է ուրոյն տիպարներ։

«Համեմատեցէք ուրիշ քաղաքական կուսակցութիւններ նրա հետ եւ կը տեսնէք անդնդախոր տարբերութիւնը։

«Սա ոչ թէ շահակից անձերի միութիւն է, այլ արիացող տիպարների ընկերութիւն։

«Այստեղ ոչ թէ անձնական եւ նիւթական շահն է, որ կապում է մարդկանց, այլ բարոյական ուխտի նոյնութիւնն է, որ դարձնում է ընկեր եւ Ծրագիր Կանոնագրի միութիւնը՝ համընթաց»։

Ն.

Ս. Աստուածածնայ Տօնը Քեսապի Մէջ

$
0
0

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Արեւմտահայ աւանի վերջին մնացորդացը` Քեսապը, ինքնուրոյն աշխարհ մըն է իր գիւղերով, անտառներով, պտղատու ծառերով, իր բնակիչներով, կենցաղով, սովորութիւններով եւ աւանդութիւններով:

Միջերկրականի արեւելեան աջին փռուած հայկական գիւղաքաղաքը` Քեսապը, մինչեւ 19-րդ դարու կէսը կղզիացած կը մնար, բայց 20-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ ան կը դառնայ ոչ միայն հայութեան, այլեւ Սուրիոյ ժողովուրդին համար սիրելի ամարանոց մը,  հանգիստի ապահով գիւղ մը եւ միութիւններուն համար բանակումներու կարեւոր վայր մը:

Քեսապի ամառները սովորաբար կ՛անցնէին ուրախ, տեղի կ՛ունենար աշխուժ եռուզեռ, ամէն կողմէ կը լսուէին բանակող միութիւններու փողերախումբերուն կշռութաւոր մեղեդիները, ամէնուր կը նշմարուէին սկաուտներուն տողանցքները, արշաւները, կը լսուէին անոնց կանչերն ու երգերը:

Մինչ օդափոխութեան եկողները իրենց hանգիստը կ՛անցընէին Քեսապի անտառներուն զով ու մաքուր օդը շնչելով ու անդորրը վայելելով` տեղացի բնակիչներուն մէկ մասը իր բերքահաւաքի արգասիքը կը վայելէր, իսկ միւս մասը, որուն մաս կը կազմէին պանդոկներու, ճաշարաններու ու խանութներու տէրերը, գործի թէժ ժամանակաշրջանը կ՛ապրէր:

Քեսապի ամառը յատկանշող ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւնը Ս. Աստուածածնայ ուխտի տօնն է, որ ամէն տարի կը կատարուի  Էսքիւրանի մէջ (Ներքի գիւղ): Նախապէս Քեսապի ուխտագնացութեան վայրը Կասիոս լերան  լանջին Պարլումն էր, որուն տօնախմբութիւնը կը կատարուէր Վարդավառին, բայց 1939-ի Սանճաքի Թուրքիոյ կցումով Պարլումը մնաց Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ, իսկ ուխտագնացութեան վայր նշանակուեցաւ Էսքիւրանը:

Տարուան ընթացքին Քեսապի ամէնէն տօնական մթնոլորտը Ս. Աստուածածնայ շաբաթը կը տիրէր: Էսքիւրան կը լեցուէր բազմահազար ուխտաւորներով, որոնք կու գային Սուրիոյ տարբեր քաղաքներէն ու իրենց վրանները կը լարէին ուխտատեղիին դիմացը գտնուող թութի ծառերուն տակ:  Արարողութիւնը կը սկսէր կիրակի կէսօր, երբ հազարաւոր հաւատացեալներ կը փութային Հայ առաքելական եկեղեցի` մասնակցելու խաղողօրհնէքի արարողութեան: Քեսապի խաղողները ողկոյզ առ ողկոյզ զետեղուած կ՛ըլլային  տոպրակներու մէջ, ու ամէն ոք կը ջանար այդ օրհնուած խաղողէն ստանալ ու անպայման տուն տանիլ: Այդ  օրերուն ամէն տունէ ձէթով բոկեղի բոյրը դուրս կու գար:

Կիրակի երեկոյեան մատաղները կ՛օրհնուէին ու կը մորթուէին, աւանդական կաթսաները կը շարուէին կրակներուն վրայ: Կը փչէր զուռնան, ու մինչեւ լոյս կը զարնէր թմբուկը: Տեղացիք կ՛երգէին ու կը պարէին Քեսապի շուրջպարերը: Համազգայինի կազմակերպութեամբ, տարիներ շարունակ այդ երեկոյ ելոյթ կ՛ունենար Հալէպի «Սարդարապատ» պարախումբը: Երկուշաբթի առաւօտ տեղի կ՛ունենար հանդիսաւոր պատարագ, սրբազան հայրը կ՛օրհնէր աւանդական հերիսան, որ յետոյ երիտասարդներուն միջոցով կը բաշխուէր  ուխտաւորներուն: Երեկոյեան ուխտաւորները կը պատրաստուէին վերադառնալ իրենց քաղաքներն ու տուները: Այդ օրերուն ապահովութեան համար ինքնաշարժներուն մուտքը Էսքիւրան կ՛արգիլուէր: Մարդիկ պէտք էր  քալելով հասնէին ուխտատեղի: Ոստիկանները կը հսկէին ապահովութեան:

Սուրիոյ պատերազմէն առաջ, վերջին 15 տարիներուն փոխուած էր Ս. Աստուածածնայ տօնին եկող ուխտագնացութեան պատկերը: Վրանները վերացած էին, ուխտի եկողները սկսած էին տուներ վարձել: Սակայն խնճոյքն  ու կերուխումը, զուռնան եւ թմբուկը քեսապցիներու շուրջպարերով կը շարունակուէին ու կը շարունակուին մինչեւ այսօր: Հետաքրքրութեան համար ներկայ կ՛ըլլան նաեւ օտար այցելուներ:

Այսօր, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ 2014-ի տեղահանութեան, Քեսապ վերագտած է իր հարազատները: Ան կը շարունակէ մնալ ապրող աշխարհ մը իր անցեալին հետ ցաւոտ, բայց` սերտ կապերով, ժամանակին եւ ժամանակակից աշխարհին հետ բազմաթիւ օղակներով շաղկապուած իրականութիւն մը, հայօրէն գոյատեւելու ճիգով ու առօրեայ հոգերով տրոփող իրական աշխարհ մը: Քեսապ պիտի շարունակէ շնչել հայօրէն, այնքան ատեն որ հոն կենդանի են տոհմիկ մշակոյթ մը եւ այդ մշակոյթը կենդանի պահող հայորդիները:

 

 


Բանաստեղծին, Որ Փառաւորեց Հայ Գրականութիւնը Եւ Աստուած Փառաւորուեցաւ Իրմով

$
0
0

ՎԵՀԱՆՈՒՇ ԹԷՔԵԱՆ

 

Սիրելի, շա՜տ սիրելի Ժաք Յակոբեան,

Ձեր անցած գրեթէ հարիւր տարիներու ընթացքին դուք հարիւր անգամ ապրեցաք տարուան չորս եղանակները. հետեւաբար կը հաւատանք, եթէ ըսէք մեզի, թէ տարին միայն չորս եղանակ չունի, այլ` քառասուն, եւ այդ քառասունին երեսունինն հայո՛ւն համար կը ստեղծուի:

«Հայ» բառին երեք տառերը սուրբ երրորդութեան նման փոխանցեցիք մեր ազգին, եւ ձեր 36.200 օրերուն իւրաքանչիւրը ապրեցաք իբրեւ հայ ուխտաւոր եւ աստուածատուր առաքեալ:

Չեմ կրնար չմտածել, որ Դանիէլ Վարուժան նահատակուեցաւ 1915-ի օգոստոսին, եւ դուք ծնաք ճիշդ երկու տարի ետք` 1917-ի օգոստոսին: Այն օրէն, որ Նիկոլ Աղբալեան լուսազօծեց ձեր տաղանդը, դուք ութսուն տարի առանց դադարի Աստուծոյ ձեզի շնորհած մէկ տաղանդը վերածեցիք հարի՛ւրի:

Ձեր նորահարսին հետ երգեցիք մեղրալուսինը: Քերթողութեան գաղտնի ճամբայէն անցնելով` վառեցիք ճրագները մեր նախնիներուն, նահատակներուն, տօներուն եւ աւանդութիւններուն` ձեր սերունդին եւ յաջորդող սերունդներուն համար:  Մեր տուներուն հարազատ բոյրը եղան ձեր ժաքափունջերը: Հայաբոյր մարգարտաշարներ են, ինչ որ քերթողած էք ձեր մօր ու հօր եւ ձեր հինգ զաւակներուն մասին: Իբրեւ սփիւռքի բանաստեղծ` ներբողեցիք հայկական կազմակերպութիւնները եւ մանաւանդ հայ վարժարանը: Ու հակառակ ձեր դեղագործի վկայականին, երբ որ հարկ էր, մտաք հայկուկներու դասարաններէն ներս եւ անոնց հոգիին հաւատք ու մտքին լոյս ջամբեցիք ինչպիսի՜ գուրգուրանքով ու հմտութեամբ: Ձեր հազարաւոր աշակերտներէն ոմանք կը վկայեն, թէ ինչպէ՛ս սիրցուցիք հայոց լեզուն, հայութեան հայրենիքը, հայկականութեան գիտակցութիւնը:

Իբրեւ բանաստեղծ` առաջին օրէն ունեցաք ինքնուրոյն ոճ մը` կուռ եւ առոյգ, պատկերներու խտութեամբ ու յուզականութեամբ, բառերու շքերթով, որ յաղթանակող բանակի մը քալուածքին կշռոյթը կը յուշէ: Երբեմն շեփորահար, երբեմն սրնգահար, սպարապետ ու քուրմ, արդարադատ ու սրտազեղ, միշտ հայոց հին ու նոր պատմութեամբ թաթաւուն:

Ինչ որ կատարեցիք, լաւագո՛յնը ըրիք: Լաւագոյն կողակից ու հայր, որդի եւ բարեկամ, քարոզիչ ու դաստիարակ, աստուածապաշտ ու մարդկայնասէր, բանաստեղծ եւ տեսիլքի ռահվիրայ:

Աւա՜ղ, դո՛ւք, որ երկնեցիք Մասիսածին-ը, դուք որ Արարատը բարձրացուցիք սփիւռքի բոլոր անկիւններուն, ուր հազարաւոր ընթերցողներ ունէիք, դո՛ւք, որ սփիւռքի եւ Հայաստանի հաւատքի երգիչն էք, երբեք չհրաւիրուեցաք հայրենի հողին վրայ ոտք դնելու, ֆիզիքապէ՛ս հաղորդուելու: «Հիմա արդէն ուշ է», ըսիք քանի մը տարի առաջ անհուն բարիութեամբ ու մղկտացող սիրտով, «Ես հոգեկան աչքերով ամէ՛ն օր կը տեսնեմ զայն»: Ափսո՜ս, հազա՛ր ափսոս:

Սակայն դուք միշտ երիտասարդ մնացիք: Ո՞ր ութսունինը տարեկան ալեւորը կը հրատարակէ իր վաթսունհինգ տարուան կողակից Լիլուշին ձօնուած հատոր մը. կը յիշեմ` ի՜նչ խանդաղատանքով կարդացիք զանոնք Նիւ Ճըրզիի սրահի մը մէջ` զարմացնելով սէրը տարիքի հետ շփոթող ունկնդիրները: Շատեր չեն գիտեր, որ զուարթ էք բնաւորութեամբ եւ բացառիկ հիւմըրի տէր: Ամէն հեռաձայնելուս` նոր հատոր մը կա՛մ հրատարակուած է, կա՛մ մամուլի տակ է: «Այլեւս ո՞վ պիտի կարդայ» կ՛ըսէք եւ… անդադրում կը գրէք: Նման չէք այլ գրողներու, դուք ունիք ո՛չ թէ հարց ու հարցումներ, այլ` պատասխաններ:

Հարիւր տարին անբաւարար է այսքան նուաճում կատարելու. բայց Աստուծոյ օրհնութիւնը ձեր մտքին իմաստութիւն եւ գրիչին քաջութիւն տուաւ: Ձեր մեծագոյն սէրը մնաց Յիսուս Քրիստոս: Սուրբգրային վերլուծումներու եւ բանաստեղծութեան ջահակիրն էք հոգեւոր թերթերու մէջ: Սիրուած քերթողը` մեր բեմերուն ու մամուլին:

Աստուածաշունչով արբշիռ` ստեղծեցիք  բազմաթիւ կարկաչուն վտակներ ու գեղահունչ յաւիտենականութիւն: Քարոզեցիք, մխիթարեցիք` անմխիթարները, անկարները,  անտեսուածները, յուսահատները, միայնակները, կարեկից եղաք ու շալկեցիք անոնց վիշտը: Խաղաղ կեանքէ զրկուած մարդոց Աստուծոյ դեղագիրը տուիք: Գառնուկի նման քալեցիք Յիսուսի հետ, բայց առիւծի՛ պէս պաշտպանեցիք Քրիստոսը մամուլով, բեմերէն, բանիւ եւ գործով,  անոնց դէմ, որոնք կը թերագնահատէին կամ կ՛արհամարհէին խաչեալ Փրկիչը: Ձեր փոյթը իսկ չէ, թէ ձեզ «ռուհճի» կ՛անուանեն. ընդհակառակը, կ՛ուրախանաք, որ հոգեւոր կը նկատուիք: Մինչեւ հիմա կը զարմանամ,  թէ ինչո՞ւ Գրիգոր Նարեկացին «ռուհճի» չի կոչուիր:

Դո՛ւք, որ մի՛շտ խուսափեցաք փառք ու պատիւէ, պնդելով թէ միայն Աստուա՛ծ արժանի է անոր, այս երեկոյ ընդունեցէ՜ք այս սկիհը` սիրոյ ու յարգանքի, որովհետեւ դուք հոգեհա՛յրն էք Հաւատքի եւ Հաւատարմութեան: Այս սկիհին մէջ միախառնուած են հայ ժողովուրդէն բխած` սիրոյ մարգարիտ, կարօտի ձայն եւ խաղաղութեան օրօր:

Եւ օր մը, երբ Հայր Աստուած որոշէ բարձրացնել ձեզ այս աշխարհէն, պիտի ըսէ. «Եկո՛ւր, որդեա՛կ, դո՛ւն, որ հաւատքը պահեցիր, բարի գործերը կատարեցիր, մտի՛ր քու Տիրոջդ արքայութեան մէջ»:

Նիւ Ճըրզի

Տիգրանակերտի Պեղումներուն Ընթացքին Կարասային Թաղում Յայտնաբերուած Է

$
0
0

Արցախեան Տիգրանակերտի մէջ, պեղումներու ժամանակ, հիւսիսային պատին մօտ յայտնաբերուած է կարասային թաղում:

Այս մասին տեղեկացուցած է Տիգրանակերտի հնագիտական գիտարշաւի ղեկավար Համլեթ Պետրոսեանը: Պեղումները իրականացուցած է Ստեփանակերտի պետական համալսարանի պատմութեան ամպիոնի վարիչ Վարդգէս Սաֆարեանը:

Ըստ Համլեթ Պետրոսեանին, կարասը բացուած է, եւ դատելով անոր մէջ յայտնաբերուած նիւթերէն` թաղումը կը վերաբերի մեր թուարկութեան Բ., Գ. դարերուն, այսինքն` Տիգրանակերտի ամրոցէն 300 տարիով աւելի «երիտասարդ» է: Հանգուցեալի աճիւնին հետ միասին կարասին մէջ դրուած էին նետի ծայր, ուլունքներ, խոյակերպ փոքր սափորներ, ոսկիէ զարդեր:

Մասնագէտը պարզաբանած է, որ այս մէկը այդ ժամանակաշրջանին բնորոշ թաղման ձեւն է: Հետաքրքրական է, որ մինչեւ Կուր գետ հասնող տարածքներուն մէջ, այսպիսի թաղումները բաւական տարածուած եղած են  (յայտնի են կարասային թաղումներ` Գառնիի, Արտաշատի եւ այլ վայրերու մէջ), եւ նման թաղումներ իրականացուած են մինչեւ քրիստոնէութեան ընդունում: Գետէն հիւսիս նման թաղումները ծայր աստիճան հազուադէպ են, ու ժամանակին ներկայացուած է տեսակէտ այն մասին, որ կարասային թաղումներու տարածման շրջագիծը կը համապատասխանէ հայերու տարածման շրջագիծին: «Բայց այս թեմայով մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւններ չեն եղած, այդ պատճառով ալ Տիգրանակերտի մէջ այդ գտածոները շատ կարեւոր են», ըսած է ան` յիշեցնելով, որ նախապէս Տիգրանակերտի մէջ արդէն յայտնաբերուած են կարասային թաղումներ, որոնք տարեգրուած էին Ն. Ք. Ա. դարուն:

Առհասարակ, Համլեթ Պետրոսեանի խօսքով, Արցախի Մարտակերտի շրջանը շատ հարուստ է հնագիտական գտածոներով: Երեք տարի առաջ այստեղ, ջրատար անցնելու ժամանակ, յայտնաբերած էին շքեղ թաղումներ: Այսօր այդ նիւթը կը գտնուի Տիգրանակերտի թանգարանին մէջ, անոր մասին հետազօտում կատարուելէ ետք այդ նիւթով հրապարակում կը պատրաստուի:

Գաղափարական Հարցեր. Շարիաթի` Իսլամական Ընկերային Աստուածաբանութեան Հայրը

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Ալի Շարիաթի իրանցի ընկերաբան եւ յեղափոխական մտաւորական մըն է: Ծնած է 23 նոյեմբեր 1933-ին եւ 18 յունիս 1977-ին անյայտ պատճառներով` սպաննուած:

Ըստ իրանցի գրագէտ Ալի Ղէյսարիին, Շարիաթի կը հանդիսանայ 20-րդ դարու ամէնէն ազդեցիկ իրանցիներէն մէկը:

Շարիաթիի մէջ յեղափոխական զգացումները կ՛արթննան իր երիտասարդութեան ժամանակաշրջանին եւ յատկապէս Մաշհատի Ուսուցչութեան պատրաստութեան քոլեճին մէջ, ուր ան կը հանդիպի զրկուած դասակարգերուն պատկանող անհատներու: Այդ ժամանակ ան կը զգայ Իրանի ժողովուրդին ապրած ընկերային-տնտեսական ծանր պայմանները եւ կը նուիրուի ընկերային արդարութեան իրականացման պայքարին:

Ուսանողութեան ժամանակաշրջանին Շարիաթի կը կարդար արեւմտեան փիլիսոփայական եւ քաղաքական գրականութիւն: Ըստ գրագէտ Ալի Ռահմանիի, ան ազդուած էր Ճամալէտտին Աֆղանիի ու Սիկմունտ Ֆրէոյտի գաղափարներէն եւ անոնց մասին միշտ կը գրէր «Մաշհատ» օրաթերթին մէջ:

Իրանի մէջ Շարիաթիի քաղաքական առաջին փորձառութիւնը կ՛ըլլայ 1953-ի յեղաշրջումը` ընդդէմ ձախակողմեան վարչապետ Մոհամետ Մուսատեղին: Այդ տարուան ընթացքին ան կ՛անդամակցի Մուսատեղի ժողովրդավար-ընկերվարական «Ազգային ճակատ» կուսակցութեան եւ իբրեւ երկրորդական կարգերու ուսուցիչ` կը հիմնէ ձախակողմեան «Իսլամական ուսանողական միութիւն»-ը, որուն նպատակն էր կրօնական շրջանակներուն մէջ թիկունք կանգնիլ ձախակողմեան կառավարութեան:

Իբրեւ Մուսատեղի համակիր` Շարիաթի կը մասնակցի յեղաշրջումին դէմ ցոյցի մը եւ կը ձերբակալուի:

1960-ին Շարիաթի կը մեկնի Փարիզ` շարունակելու համար իր բարձրագոյն ուսումը ընկերաբանութեան մասնագիտութեան մէջ, Սորպոնի համալսարանին մէջ:

Ֆրանսայի մէջ ան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Իրանի ընդդիմադիր շարժումներուն, կ՛անդամակցի «Իրանական ուսանողական միութեան», իսկ երբ կը պայթի ալճերիական յեղափոխութիւնը, ան ալճերիացի ուսանողներուն հետ միասին կը կազմակերպէ հաւաք մը` ի նպաստ Ալճերիոյ անկախութեան:

Ալճերիոյ մէջ Շարիաթի կը խմբագրէ երկու շաբաթաթերթ. առաջինը` «Ազատ Իրան», որ կը պատկանի «Ազգային ճակատ» կուսակցութեան ֆրանսական մասնաճիւղին, իսկ երկրորդը` «Իրանական ուսանողական միութեան» պաշտօնաթերթը:

1965-ին Շարիաթի կը վերադառնայ Իրան եւ կը զբաղի ուսուցչութեամբ:

Իրանի մէջ ան կը հետապնդուի իր ընդդիմադիր գործունէութեան համար:

Շարիաթիի քաղաքական փիլիսոփայութիւնը

Ալի Շարիաթի իր քաղաքական-գաղափարական ժառանգութիւնը ստացած էր իր հօրմէն. իր հայրը` Մոհամետը Շարիաթի, բարեկարգումներ առաջարկող եւ ազատամիտ շիի կրօնաւոր մըն էր եւ անդամակցած էր կրօնական-ընկերվարական «Աստուածապաշտ ընկերվարական շարժում» կազմակերպութեան, որ հիմնուած էր 1943-ին եւ կը ձգտէր հաշտեցնել ընկերվարական գաղափարները իսլամութեան շիի դաւանանքի սկզբունքներուն հետ: Ալի Շարիաթի ուշի ուշով կը հետեւէր իր հօր կողմէ ներկայացուած դասախօսութիւններուն եւ անոր վարած վիճաբանութիւններուն:

Հասակ առնելով 1950-ական եւ 1960-ական թուականներուն ձեւաւորուած նոր ձախ հոսանքի (մասնաւորապէս` Լատին Ամերիկայի մէջ ձեւաւորուած «Ազատագրութեան աստուածաբանութեան») ազդեցութեան տակ, ինչպէս նաեւ ազդուած ըլլալով իր հօր կրօնական-ընկերվարական միջավայրէն` ան հիմք կը դնէ «Իսլամական մարքսականութիւն» հասկացողութեան:

Ըստ Շարիաթիի, ոեւէ անհատ չի կրնար հասկնալ պատմութիւնն ու հասարակութիւնը` առանց մարքսականութեան գիտակցութեան: Ան կը նշէ, որ մարդկութեան պատմութիւնը դասակարգային պայքարի պատմութիւն է: «Կայէնի եւ Աբէլի օրերէն իսկ մարդկութիւնը բաժնուեցաւ երկու հակամարտող խմբաւորումներու. առաջին խումբը տանջուածներն են` ժողովուրդը, իսկ երկրորդը` տանջողները, տիրողները», կ՛ընդգծէ ան իր գրութիւններէն մէկուն մէջ:

Շարիաթիի մարքսականութիւնը իրեն արգելք չհանդիսացաւ քննադատելու ուղղափառ մարքսականութեան սկզբունքներուն վրայ հիմնուած համայնավար գաղափարախօսութիւնը: Շարիաթի համայնավար կուսակցութիւնները կոչեց «յեղափոխական բնոյթը կորսնցուցած եւ դիւանակալական երկաթեայ օրէնքին զիջող» ուժեր: Ան նաեւ քննադատեց համայնավարները այն պատճառով, որ անոնք մերժած էին այն իրականութիւնը, որ 1960-ական եւ 1970-ական թուականներուն հիմնական պայքարը չէին նկատած կայսերապաշտութեան դէմ դնելն ու Երրորդ աշխարհի ազատագրութիւնը, այլ` բանուորներու եւ դրամատէրներու միջեւ պայքարը:

Շարունակելով իր քննադատութիւնը համայնավարական շարժման` ան կը քննադատէ Իրանի մէջ գործող ստալինամէտ «Թուտեհ» (պարսկերէն կը նշանակէ «Զանգուածներ») կուսակցութեան որդեգրած «զուտ մարքսական» սկզբունքները` առանց նկատի առնելու, որ Իրան տակաւին չունէր Եւրոպայի պէս զարգացած արդիւնաբերական տնտեսութիւն, եւ կուսակցութեան «անաստուածեան» դիմագիծը անտեսած էր Իրանի հանրութիւնը, քանի որ իրանցիներու մեծամասնութիւնը շիի դաւանանքին պատկանող հաւատացեալ իսլամ էր:

Կրօնը Շարիաթիի համար յեղափոխականութեան աղբիւր մըն էր. պարզաբանելու համար Շարիաթիի մէջ կրօնի արժէքը` կ՛արժէ յիշել իր հետեւեալ խօսքը. «Շիիականութիւնը աֆիոնի վերածուած կրօն չէ միւս կրօններուն նման, այլ յեղափոխական գաղափարախօսութիւն մըն է, որ ներթափանցած է կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, ներառեալ` քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ ազդած է բոլոր առաքինի հաւատացեալներուն վրայ` պայքարելու համար ընդդէմ ամէն տեսակի շահագործման, ճնշման ու ընկերային անարդարութեան»:

Շարիաթի շիիականութիւնը բաժնեց երկու տեսակի` «սեւ» եւ «կարմիր»: Իր հետեւեալ տողերը կը բացատրեն երկու տեսակներուն միջեւ տարբերութիւնները. «Մէկը խալիֆայութեան, պալատի եւ իշխանութեան իսլամութիւնն է, միւսն ալ ժողովուրդի, շահագործուածի եւ աղքատի իսլամութիւնն է: Աւելի՛ն. սխալ է ըսել, որ պէտք է «մտահոգուիլ» աղքատներով, քանի այդ բառը փտած խալիֆաներն ալ կը գործածեն: Ճշմարիտ իսլամութիւնը ոչ թէ մտահոգուած է, այլ կը կերտէ հաւատացեալը, որ կը պայքարի յանուն արդարութեան ու հաւասարութեան հաստատման եւ աղքատութեան վերացման»:

Իր իրապաշտ գաղափարական-քաղաքական աշխարհայեացքին շնորհիւ` Շարիաթիի գաղափարները կը յաջողին արագութեամբ տարածուիլ իրանական հասարակութեան մէջ եւ ազդեցիկ գաղափարական գործօն կը դառնան իրանական յեղափոխութեան եւ անոր յաջորդած ձախակողմեան խումբերու ձեւաւորման մէջ:

Շահի հալածանքները մէկ կողմէ, իսկ կրօնամոլներուն դատապարտումները` միւս կողմէ, ի զօրու չեն ըլլար կասեցնելու Շարիաթիի գաղափարներուն ժողովրդականութիւնը: Անոր ձգած գաղափարական հետքերը այսօր արեւու շողերու պէս ցայտուն են իրանական հասարակութեան մէջ, յարգուած` քաղաքական ներկապնակի թէ՛ ձախ եւ թէ՛ աջ կողմերէն: Անոր գաղափարաբանական շուքին տակ հիմնուեցաւ «Իրանի ժողովուրդի մուճահիտներ» կազմակերպութիւնը, որ կը պատկանի իսլամական-մարքսականութեան հոսանքին ու այսօր ընդդիմադիր դիրքի վրայ կը գտնուի: Միւս կողմէ ալ, ժողովրդային խաւերու համակրանքը շահելու նպատակով, իմամ Խոմէյնիի կրօնամոլական «Իսլամական հանրապետական կուսակցութիւն»-ը կը ներբողէ Շարիաթին եւ կ՛արտօնէ անոր գրութիւնները: Առաւել եւս, հակակայսերապաշտական, հակասիոնական եւ քաղաքական անկախութեան գաղափարները ներկայիս դարձած են Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կարգախօսները:

 

 

Բայց Դուք Հայ Էք…

$
0
0

ԹԱՄԱՐ ՍՆԱՊԵԱՆ-ՍՈՒՐՃԵԱՆ

Հայաստանի մէջ 21 անմոռանալի օրեր անցընելէ ետք, 22-րդ օրը ուղղուեցանք «Զուարթնոց» օդակայան, ուրկէ կէսօրուան ժամերուն թռիչք պիտի առնէր մեր օդանաւը: Հինգ հոգի ըլլալով` քիչ մը կանուխ հասած էինք, որպէսզի ճամպրուկներու եւ մաքսատնային անցքերու խճողումին չբռնուէինք:

Մինչեւ օդակայան հասնիլս, թաքսիին պատուհանէն, վերջին անգամ ըլլալով, աջ ու ձախ կը դիտէի. վերջին անգամ ըլլալով կ՛ուզէի Արարատի պատկերը գամել աչքերուս մէջ. ո՞վ կը կշտանայ Արարատի փառահեղ տեսարանէն, կամ` ընդհանրապէս հայրենիքէն… Բոլորին նման` ես ալ քիչ մը տխուր մտածումներով կը բաժնուէի… Ճիշդ է, Լիբանանի կարօտը կար, տունի, գործի, առօրեայ կեանքի կանչը կար, բայց  եւ այնպէս միշտ ալ Հայաստանէն բաժնուիլը դժուար է…

Ճամպրուկները յանձնեցինք, ստացանք մեր «պորտինկ փաս»-երը, ուղղուեցանք մաքսատնային տնակները, ուր մէկ առ մէկ կանչուեցանք: Եւ յանկարծ` անսպասելին. մեր անցագիրները կնքելու ժամանակ պաշտօնեան յայտարարեց, որ մեր վիզայի ժամանակը անցած է, եւ մենք չենք կրնար երկրէն դուրս ելլել:

Մեզ ուղարկեցին ԱՎՎ «Զուարթնոց» օ/կ բաժին (ՕՎԻՐ), ուր պարզուեցաւ, թէ իւրաքանչիւրս պէտք է վճարէ 50 հազար դրամ տուգանք (մօտաւորապէս` 110 ամերիկեան տոլար), որովհետեւ ուշացած էինք երկրէն դուրս ելլելու… ընդամէնը 1 օրուան հաշիւով  (աւելի ճշգրիտ` քանի մը ժամուան):

Առարկեցինք, որ մէկ օրուան հարց է, փորձեցինք օրինակ բերել Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ օրէնքներէն, սակայն չոր, չըսելու համար` կոշտ վարուելակերպով պաշտօնեան անդրդուելի մնաց. նոյնիսկ հեգնական  ժպիտով ըսաւ, թէ կծծիութիւն չընէիք եւ քանի մը ղրուշ աւելի վճարելով` պահանջէիք երկարաժամկէտ վիզա…

Դուստրս, որ Հայաստան մեկնած էր մեզմէ առաջ, ունէր 120 օրուան վիզա: Հարց չունէր:

Ապուշ կտրած էինք: Անցան քանի մը կարճ, բայց ծանր վայրկեաններ. յայտարարեցինք, որ 4 հոգիի համար չենք կրնար այդքան գումար վճարել:

Եւ ահա՛ աւելի անսպասելի պատասխանը, թէ` «Լա՛ւ, այդ պարագային Հայաստան ձեր մուտքը մէկ տարիով պիտի արգիլուի…»:

Պահ մը ճնշիչ լռութիւն տիրեց… Հայրենիք մեր մուտքը արգիլուած է…

Պաշտօնեային քմծիծաղով խօսելաոճէն ջղայնացած`  ամուսինս առաջինը խզեց լռութիւնը` ըսելով. «Եթէ կ՛ուզես աւելի գրէ, երեք տարի, հինգ տարի գրէ…,- մեզ կը խրտչեցնէք, որ այլեւս չգա՞նք Հայաստան»…

Մայրս, որ անկախութեան առաջին տարիներէն գրեթէ ամէն տարի հօրս հետ Հայաստան գացած-եկած էր եւ նոյնիսկ տասնամեակ մը առաջ ստացած էր 10 տարուան հայկական անցագիր (այդ օրերուն այդպէս կարգ կար), տխուր, անխօս նստած էր:

Ամենասարսափելին տասնհինգ տարեկան տղուս հոգեվիճակն էր. աչքերէն զգացի, որ հայրենիքի պաշտամունքը փուլ եկաւ յանկարծ… Հապա՞ եկող տարուան «Ասպետ» զինուորական ճամբարի խոստացուած մասնակցութիւնը, համա-ՀՄԸՄ-ական սկաուտական ընդհանուր բանակումը… Ես հիմա ինչպէ՞ս պիտի վերականգնէի իր փշրուած հոգին…

Արցունքներս կուլ կու տայի…

Աշխարհը ծուռ կը դառնար կարծես… Տարիներու մեր երազած ազատ Հայաստանը, մեզ տուն կանչելու փոխարէն, կը վտարէր, քուրջի կտորի պէս դուրս կը շպրտէր երկրէն, կամ արգելք կը դնէր, տուրքեր կը սահմանէր… եւ ընդամէնը քանի մը ժամուան օրինախախտումի պատճառով…

* * *

Տրցակ մը թուղթեր ստորագրելէ եւ մեր անցագիրներու «զերոկս»-ները (պատճէն) յանձնելէ ետք, օդանաւը չփախցնելու մտահոգութեամբ սուրացինք դէպի մաքսատան մուտքերը, իւրաքանչիւրս իր անցագրին մէջ տեղաւորած Հայաստան մուտքի արգելքի փաստաթուղթը:

Գեղեցիկ աչքերով օրիորդը լայն ժպիտով մը ընդունեց անցագիրս. եւ յանկարծ տեսաւ ներկայացուած փաստաթուղթը.

– Ձեր մուտքը արգելե՞լ են…

– Այո՛, դժբախտաբար…

– Բայց, ինչպէ՞ս կարելի է… Բայց դուք ՀԱՅ էք…

Զսպուած արցունքներս արդէն կը յորդէին այտերս ի վար…

Բայց մենք ՀԱՅ ենք…

Եւ արդեօք, եթէ օրէնքներէն անտեղեակ օտար զբօսաշրջիկ մը ըլլար նոյն կացութեան մէջ, թոյլատրելի պիտի ըլլա՞ր նման պարագայ…

* * *

Շնորհակալ եմ, գեղեցի՛կ հայուհի, որ այդ արտայայտութեամբդ մեղմացուցիր խորտակուած հոգիս, փարատեցիր հայրենիքէն վտարուելու վիրաւորանքը, յոյսի փոքրիկ նշոյլ մը պարգեւեցիր… «Բայց դուք ՀԱՅ էք»…

Օ՜, անո՛ւշ հայրենիք, պիտի մնաս իմ հայրենիքը, պիտի անցնին բոլոր տաք ու պաղ օրերը, եւ ես դարձեալ պիտի վերադառնամ գիրկդ` հակառակ բոլոր դաժան արգելքներուն, պիտի վերադառնամ աւելի պայծառ ակնկալիքներով, վարդագոյն յոյսերով…

9 օգոստոս 2017, Պէյրութ

Իրանահայ Սիրելի Հայորդին` Նորիկ Անջելլօ (1958-1996)

$
0
0

Ամէն ոք կարող է վկայել, որ վերջին տասնամեակները, սկսեալ` 70-ականների կէսերից, հիմնական ալեբախումների, մրրկումների, տակնուվրայութիւնների կասկածելի եւ սպառնալից ծովը սուզեցին միջինարեւելեան (եւ ոչ միայն…) հայ համայնքների կենցաղային կայունութիւնն ու կայացած հանգրուանի հասած իրավիճակը եւ տեղաշարժերի կլանող երախը նետեցին համայնքներ ու հասարակութիւններ` քայքայելով հաւաքական, ընտանեկան եւ անձնական բազմաթիւ կեանքեր…

* * *

Նորիկ Անջելլոն ծնուել է 1958 թ. մարտի 4-ին, ժամանակի հայաշատ ու բեղուն մշակութային կեանքով ապրող Ապատան քաղաքում: Հետագայում, ընտանիքի հետ Թեհրան փոխադրուելով, բնակւում են Սասուն քաղաքամասում, եւ Նորիկը իր տարրական կրթութիւնն ու ուսումը ստանում է «Թունեան» Ազգային դպրոցում` իսկ միջնակարգի տարիներին սովորում է «Հորմոզ-Արաշ» պետական դպրոցում` ստանալով աւարտական վկայագիր: Պատանի հասակը լրացնելուց անմիջապէս յետոյ անդամագրւում է իր դաւանած կուսակցութեան եւ մինչեւ կեանքի վերջին պահը հաւատարիմ մնում ՀՅԴ-ի վեհ գաղափարներին:

Նորիկը խառնուածքով ուրախ էր, աշխուժ ու գործունեայ, բայց մանաւանդ հաւատարիմ` ընկերների նկատմամբ, այդ բերումով էլ սիրուած էր բոլորի կողմից: Մնայուն տեղ մնալն ու կղզիանալը խորթ էին իր բնաւորութեան ու կեցուածքին: Լայն հորիզոններ էր փնտռում` առաւել թրծուելու, խորանալու… Գաղափարին ու ընկերներին օգտակար լինելու հեռանկարով:

Լիբանանեան պատերազմի տաք օրերն էին, որով լաւագոյն առիթը ներկայացաւ նետուելու այնտեղ եւ աշխատելու Պէյրութում: Լիբանանեան նրա ընկերների վկայութեամբ, տարիներ աշխատում է լուռ ու անձայն, այնտեղ էլ բաժանում գաղափարակիցների լաւ ու դժուար օրերը… միաժամանակ հետեւում կրթութեանը` ուսանելով հայագիտութիւն: Սիրւում է բոլորի կողմից, մի առ ժամանակ դառնում «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի աշակերտների «պաշտած» տեսուչը` բարի ու խնդումերես, իր յաղթանդամ ու հսկայ մարմնով մաս կազմում ՀՄԸՄ-ի տղաների պասքեթպոլի խմբին` որպէս «բանալի» անդամներից մէկը:

Լիբանանի կացութիւնը հետզհետէ վատթարանում է եւ պայմանների բերումով, 1984-ին Նորիկը հաստատւում է Փարիզում, որտեղ կրկին ունենում է ընկեր-ընկերուհիների լաւ շրջանակ` իր ղեկավարած ճաշարան-ակումբների ջերմ միջավայրում: Ֆրանսայում աւելի քան եօթ տարի աշխատելուց յետոյ Նորիկն անցնում է Արժանթին, հաստատւում Պուէնոս Այրեսում: Արդէն իտալերէն իմանալով, Փարիզի մէջ ֆրանսերէն սովորելով` հեշտութեամբ իւրացրեց սպաներէնը:

Ցաւօք, 1996 թ.-ի դեկտեմբերին Նորիկը զոհ է դառնում զազրելի մի ոճրի` իր տան շրջափակում. գիշերով սպաննւում երկու աւազակների կողմից, որ նրա ու իր երիտասարդ կնոջ առանձնատունն էին թափանցել` կողոպտելու նենգ նպատակով:

Սոյն նիւթի այս բաժինը պիտի ամփոփենք Ֆրանսայի «Կամք» հանդէսի 16-17.12.1996 թ. Լ. Մ.-ի հետեւեալ տողերի պատառիկներով.-

«Սիրելի՛ ընկ. Նորիկ… Երթաս բարով, վստահ եղիր, որ քո յիշատակը վառ պիտի մնայ ընկերներուդ մօտ: Եւ օր մը եթէ բախտը ունենանք Արամիկդ տեսնելու, պիտի պատմենք` մաքուր, զոհաբերող ու նուիրուած դաշնակցական Նորիկի մասին, իր հօր մասին…»:

* * *

Սոյն թուականի` 2017-ի սկզբին յիշեցինք Ն. Անջելոյին եղերական մահուան 20-ամեակի առիթով, որոշ տուեալների ձեռքբերմամբ որոշեցինք «Ալիք»-ի էջերին յանձնել յիշատակի այս արտայայտութիւնները եւ ասել` խաղաղութիւն քո հայրենակարօտ հոգուն, հեռացա՜ծ հարազատ…

Ընկերդ`
Ք. Վ. Ս.

Թեհրան

Անյետաձգելի Օրակարգը…

$
0
0

«ԱԼԻՔ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՄԲԱԳԻՐ
ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ

Սեպտեմբերի 18-20-ին կայանալիք Հայաստան-սփիւռք 6-րդ խորհրդաժողովի հնարաւոր օրակարգի` «Համահայկական խորհուրդ»-ի կազմութեան մասին նախօրէին յայտարարութեամբ հանդէս է եկել Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեանը: Առերեւոյթ դրական ու օգտակար նոր հաստատութեան կեանքի կոչման գործառնական հեռանկարի մասին քննարկումները վստահօրէն մեծ աշխուժութիւն կը հաղորդեն խորհրդաժողովի տարատեսակ նիստերում: Մինչ այդ, սակայն, յուսանք, որ ժամանակին նոյն համընդհանուր մտասեւեռումներից բխած եւ 2011 թուականին կեանքի կոչուած «Համահայկական պանք»-ի ճակատագրին չենթարկուի գործառոյթով թէեւ տարբեր, բայց գաղափարով նոյնանպատակ ստեղծուելիք կառոյցը…» Ըստ տնտեսագէտ եւ ժամանակին Միացեալ Նահանգներում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Թաթուլ Մանասէրեանի, «Համահայկական պանքը իր գործունէութեան 6 տարիների ընթացքում վաստակելով ընդամէնը 75.000 տոլար, կորցրել է սփիւռքի վստահութիւնը եւ այժմ կանգնած է փակուելու սեմին»…:

…. Սա` ի միջի այլոց:

Գալով բուն խնդրին, այսինքն` 26-ամեայ անկախ հանրապետութեան խորապատկերի վրայ կայացող Համահայկական 6-րդ համաժողովին, խիստ պատշաճ ու այլեւս անյետաձգելի օրակարգ պէտք է համարել, պետական անկախութեան 100-ամեակին ընդառաջ, Պետականատիրութեան համազգային նշանակութեան եւ պետական մտածողութեան հայեցակարգային բանաձեւի քննարկում-մշակումը: Եւ այս հանգամանքից, ինչ խօսք, բխելու է հայոց պետականատիրութեան համազգային հռչակագիր` պետական ամենաբարձր մակարդակով, յար եւ նման` հայոց պահանջատիրութեան 100-ամեակի:

Դրանով իսկ նպատակային բովանդակութիւն կը հաղորդուի մեր համընդհանուր հիմնախնդիրների լուծմանը, կապուած` Հայաստանին, հայրենի Արցախին ու Ջաւախքին, սփիւռքին եւ այս բոլորի միջոցով` մեր համընդհանուր պահանջատիրութեանը, այն է` Հայ դատի ու հայոց ազգային գաղափարախօսութեան յաղթանակի ապահովմանը…

 

 

Ճամբորդութիւն Դէպի Երազ

$
0
0

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Ահաւասիկ աւարտեցան Լիբանան իմ առաջին այցելութեանս 10 օրերը: Վերադարձած եմ ապրած երկիրս, սակայն` առանց սթափելու ունեցած զգացումներէս եւ տպաւորութիւններէս,  տեւաբար պահելով զանոնք մտքիս եւ հոգւոյս մէջ:

Երբեք չէի երեւակայեր, որ այդքան քաղցր եւ հոգեհարազատ պիտի ըլլար իմ կեցութիւնս մայր գաղութին մէջ: Ահա առաջին օրն իսկ, առանց ուղղութիւն գիտնալու, պանդոկէն ելլելով,  հաստատ քայլերով բռնեցի ճամբան դէպի սփիւռքեան Հայաստան` Պուրճ Համուտ: Քալելու ընթացքին քանի մը անգամ ճամբան հարցուցի` ուղղութիւնը ճշդելու համար եւ վերջապէս հասայ վայր մը, որուն մասին քանի մը տարիէ ի վեր կը կարդամ թերթերէ եւ տեսակ-տեսակ գրական աղբիւրներէ, բայց երբեք բախտը չէի ունեցած տեսնելու հայութեան վերապրելու կամքին եւ վճռակամութեան լաւագոյն վկայութիւն հանդիսացող այս ամրոցը:

Սիս թաղամասն էր, որ առաջինը հանդիպեցաւ ինծի: Քիչ մը քալելով` առաջին ուրախութիւնը ապրեցայ, երբ «Միսակ Ազիրեան» ակումբը տեսայ, ինծի շատ ծանօթ` ընկեր Մարտիրոս Մատենճեանին գրած «Լիբանանի մեր տղաքը» գիրքէն: Տուներուն պատերէն կախուած եռագոյն դրօշակները պահ մը շփոթի զգացում յառաջացուցին մէջս եւ ինքզինքիս հարց տուի. «Լիբանա՞ն եմ արդեօք, թէ՞ Հայաստան»: Քիչ մը Սիսի մէջ պտտելէ ետք, կարեւորութիւն չտալով երկար ճամբորդութենէ ունեցած յոգնութեանս, կը վճռեմ շարունակել իմ շրջագայութիւնս հպարտութիւն ներշնչող այս փոքրիկ «Հայաշխարհ»-ին մէջ: Սիսէն ելլելով, կամուրջի տակէն անցնելով` սկսայ յառաջանալ դէպի Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը: Հետզհետէ ձախ կողմէս բացուող փողոցներէն մէկը ուշադրութիւնս գրաւեց: Անմիջապէս թեքուեցայ այդ կողմը, քիչ մը անցայ, եւ ի՜նչ տեսարան բացուեցաւ առջեւս` «Սարդարապատ» ակումբ: Մուտքին մօտեցայ, քիչ մը ամչնալով եւ անորոշ, դուրսը կանգնած մարդու մը հարցուցի,  թէ կրնա՞մ ներս մտնել եւ դրական պատասխան ստանալով, առաջին անգամն ըլլալով մուտք գործեցի ՀՅԴ-ի ակումբէն ներս: Պարզ եւ համեստ մթնոլորտ կը տիրէ ակումբին մէջ, բայց նոյն ատեն կայ անտեսանելի ոգին, որ հպարտութիւն եւ վստահութիւն կը ներշնչէ: Ծանօթացայ քանի մը հալէպահայ ընկերներու եւ ասկէ անդին «Սարդարապատ»-ը իմ ամէնէն յաճախած ակումբս դարձաւ: Քանի մը ժամ նոր ընկերներուս հետ զրուցելէ ետք շարունակեցի ճամբան եւ վերջապէս հասայ «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր կը գտնուի իմ կազմաւորման եւ դաստիարակութեան գլխաւոր աղբիւրներէն` «Ազդակ» օրաթերթին գրասենեակը:

Ի՜նչ ուրախութիւն: Ինծի առիթ կը տրուի ծանօթանալու խմբագրատան աշխատակազմին եւ աշխատանքային ամբողջ գործընթացին: Հազիւ զիրար ճանչցած` ես արդէն կը զգամ, որ հին բարեկամներու հանդիպեցայ երկար բաժանումէ ետք: Ինծի նկատմամբ մարդոց մարդամօտ եւ անկեղծ վերաբերումը մոռնալ կու տայ, որ Ռուսիայէն եկած եմ եւ կը սկսիմ համոզուիլ, որ ես ալ լիբանանահայ գաղութի զաւակներէն եմ, այդքա՜ն հարազատ կը թուի տուեալ միջավայրը: Այլեւս գրեթէ ամէն օր «Ազդակ» կը հանդիպէի եւ անհամբերութեամբ կը սպասէի յաջորդ օրուան` ընկերներուս հետ նոր ու նոր զրոյցներ ունենալու եւ անոնց ներկայութիւնը վայելելու յոյսով:

Կ՛ուզեմ իմ խորին շնորհակալութիւնը յայտնել լիբանանահայ իմ բոլոր ընկերներուս, որ իրենց ազատ ժամերը ինծի հետ անցուցին, եւ անկեղծօրէն կ՛ըսեմ, որ ո՛չ մէկ օր առանց ուշադրութեան մնացի, ո՛չ մէկ օր առանձին զգացի: Մեծ բաւարարութիւն եւ հպարտութիւն ապրեցայ, երբ զիս տարին Անթիլիաս, Պիքֆայա, «Ս. Թեհլիրեան» եւ «Նիկոլ Դուման» ակումբներ: Եւ դարձեալ այս պտոյտները կազմակերպելու համար ընկերներս ստիպուած եղան իրենց գործերը մէկդի ձգել եւ ժամանակը ինծի տրամադրել: Անկեղծօրէն կ՛ըսեմ, որ զգացուեցայ նման վերաբերումէն եւ միաժամանակ երջանիկ զգացի:

Առիթ ունեցայ նաեւ ժողովուրդի պարզ զաւակներուն հետ զրուցելու եւ կարեւոր կը նկատեմ այս յարաբերութիւնները:  Ընկերներէս մէկը ըսաւ. «Եթէ կ՛ուզես ազգի մը հոգին տեսնել եւ հասկնալ, պէտք է պարզ ժողովուրդի հետ խօսիս»: Պէտք է ըսեմ, որ համոզուեցայ անոր խօսքերուն ճշմարտութեան: Կ՛ուզեմ նաեւ նշել, որ Համազգայինը իր կարգին առիւծի բաժին ունեցաւ Լիբանան այցելելու իմ երազը կեանքի կոչելու ճամբուն վրայ, որովհետեւ անցեալ տարի Ուսանողական հաւաքին մասնակցելով` ծանօթացած էի լիբանանահայ երիտասարդներու, որոնք արագացուցին ճամբորդութիւնս եւ տասնապատիկ ճոխացուցին զայն:

Երբ Ռուսիա վերադարձայ, ազգականներս եւ ընկերներս հարցուցին, թէ ի՛նչ նուէրներ բերած եմ հետս, պատասխանեցի, որ նիւթական նուէրներ չեմ բերած, անշուշտ` ընկերներէս ստացած գիրքերէն զատ, այլ` անչափելի տպաւորութիւններ, որոնք գանձի մը պէս ընդմիշտ պիտի պահուին յիշողութեանս մէջ: Կարծեմ թէ ազնիւ մարդոց հետ ընկերութիւնը եւ մտերմութիւնը արդէն իսկ թանկագին նուէր է: Տակաւին շատ բան կայ պատմելիք, մանաւանդ` զգացումներուս կապուած, բայց չեմ ուզեր թուղթին յանձնել զանոնք, որովհետեւ պիտի դժուարանամ եւ չկարենամ պատշաճ ձեւով արտայայտել եւ ներկայացնել անոնց չափն ու ծաւալը: Միայն պիտի ըսեմ, որ Պուրճ Համուտի մէջ գտնուելէ ետք աւելի հզօրացած, աւելի հայացած Ռուսիա կը մեկնիմ, մանաւանդ որ Ազգային գերեզմանատուն երթալով` Լիզպոնի տղոց շիրիմը աչքովս տեսայ, ձեռքովս շօշափեցի եւ անոնցմէ մեծ ուժ եւ պայքարելու ոգի ստացայ: Կը մեկնիմ, բայց կը յուսամ եւ պիտի աղօթեմ, որ երկար չտեւէ բաժանումը եւ մօտիկ ապագային դարձեալ միանամ ձեզի, սիրելի՛ ընկերներ: Լիբանանահայութեան կ՛ուզեմ մաղթել, որ երբեք ընկրկում չճանչնաք, այլ միշտ դէպի յառաջ, միշտ դէպի յաղթանակ քալելու ուժ եւ կարողութիւն ունենաք: Եւ թող ձեզմով ինծի պէս հայկական միջավայրէն հեռու ապրող  հազարաւոր հայ երիտասարդներ հիանան եւ խանդավառուին, թող միշտ օրինակ եւ մղիչ ուժ ըլլաք արեւմտեան նորաձեւութեան հոսանքով տարուած եւ այլասերած հայերուն, որ ազգային արմատներուն վերադառնան: Ցտեսութիւն… շուտով կը տեսնուինք:

 

 

 


Քաղաքական Անդրադարձ. Իրաքի Քիւրտաբնակ Շրջաններու Անկախութեան Հանրաքուէն Եւ Հայաստանի Դիրքորոշումը

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

25 սեպտեմբերին հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ անկախութեան հանրաքուէ մը պիտի կազմակերպուի որոշելու համար մարզին ապագան: Շատեր կը կարծեն, որ շուտով շրջանը անկախութիւն պիտի հռչակէ եւ անջատուի Իրաքէն. հակառակ անոր որ շատ հաւանաբար արդիւնքը ի նպաստ անկախութեան ըլլայ, սակայն պէտք է հաշուի առնել դրացի երկիրներուն կեցուածքը այս հարցին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ մեզ կը հետաքրքրէ Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումը հանրաքուէի արդիւնքին վերաբերեալ:

Հանրաքուէն` Իբրեւ Քաղաքական Գործիք

Քրտական ինքնավար մարզի եւ Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Մասուտ Պարզանի այս քայլով կ՛ուզէ ամրապնդել իր քաղաքական դիրքը իրաքեան քրտաբնակ շրջաններուն մէջ: Երկու տարի եղած է արդէն, որ անոր նախագահական պաշտօնավարութեան շրջանը վերջ գտած է, անոր համար ալ Պարզանի պէտք է իր քաղաքական օրինականութիւնը ամրապնդէ: Սակայն բոլոր քիւրտերը միասնական չեն հանրաքուէին շուրջ. քրտական Կորան եւ Իսլամական կուսակցութիւնները հանրաքուէն կոչեցին անօրինական եւ կոչ ուղղեցին Պարզանիին, որ յետաձգէ զայն, այս կոչին միացաւ նաեւ քրտական Ազգային միասնութիւն կուսակցութիւնը, որ կը ղեկավարէ Իրաքի նախկին նախագահ Ժալալ Թալապանի:

Ըստ քիւրտ լրագրող Քեմալ Չոմանիի, այս հանրաքուէն կապուած է Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութեան ու Պարզանիի ապագային եւ ոչ թէ քիւրտ ժողովուրդին ապագային հետ: Էրպիլ 30 միլիառ տոլար պարտքեր ունի, պետական պաշտօնեաները իրենց ամսականները ուշ կը ստանան, իսկ Պարզանիի ընտանիքը շրջանը վերածած է «ընտանեկան իշխանութեան մը»: Էրպիլ ամէն ջանք կը թափէ, որ իր սահմաններուն մէջ առնէ Քերքուքը եւ Սինճարը: Հաւանաբար հանրաքուէն բանակցութեան քարտ մըն է Իրաքի իշխանութիւններուն դէմ գործածելու համար: Աւելի՛ն. քրտական բանակը` փեշմարկան ներքին պառակտումներ կը դիմագրաւէ, եւ անոր ղեկավարութիւնը բաժնուած է Պարզանիի եւ Թալապանիի միջեւ. 1990-ականներու քրտական եղբայրասպան կռիւները տակաւին թարմ են երկու մրցակիցներուն յիշողութեան մէջ, եւ ասիկա յաւելեալ պատճառ կը դառնայ հարց տալու, թէ որքանո՞վ անկախ Քիւրտիստան մը քաղաքական եւ տնտեսական կայունութիւն կրնայ ունենալ:

Թեհրանէն Անգարա Եւ Թել Աւիւ

Իրանի վարչակազմը քրտական Ազգային միասնութիւն կուսակցութեան պատուիրակութեան յստակացուց, որ Թեհրանի համար Իրաքի տարածքային ամբողջականութիւնը սրբութիւն է, եւ Իրան ամէն ջանք պիտի թափէ պահպանելու համար զայն: Իրան յայտարարեց, թէ որեւէ այսպիսի քայլ (անկախութեան վերաբերեալ) պէտք է ստանայ Պաղտատի հաստատումը, ապա թէ ոչ կրնայ շրջանային տագնապի մը վերածուիլ: Իրանի իշխանութիւններուն մտահոգութիւնը նաեւ կապուած է երկրի ներքին ժողովրդագրական պատկերին հետ, որովհետեւ Իրանի մէջ կ՛ապրին մօտ 6.738.000 քիւրտեր, որոնք կը գտնուին երկրի հիւսիսարեւմտեան կողմը եւ պատմութեան ընթացքին փորձեր կատարած են անջատուելու Իրանէն: Աւելի՛ն. Թեհրան նաեւ մտահոգ է, որ Էրպիլ հետագային զինուորական դաշինքներ կնքէ Իսրայէլի հետ, մանաւանդ որ արդէն իսկ իրաքեան քրտաբնակ շրջաններուն մէջ կը գործեն ամերիկեան ռազմական կեդրոններ:

Հակառակ անոր որ Անգարայի հետ տնտեսական կապերը վերելք կ՛ապրին, եւ իրաքեան քրտաբնակ շրջաններու մէջ կը գործեն մօտ 1500 թրքական գործարաններ, սակայն Թուրքիա պաշտօնապէս դէմ է իրաքեան քրտաբնակ շրջաններու մէջ անկախութեան հանրաքուէի կազմակերպման: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ հանրաքուէն «վնաս պիտի հասցնէ շրջանի կայունութեան», իսկ ազգայնական Ազգային շարժում կուսակցութեան փոխնախագահ Մեհմետ Կիւնել յայտարարեց, թէ ինչպէս թրքական բանակը ներխուժեց Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները, իրաւունքը ունի նոյնը ընելու նաեւ Մուսուլի եւ Քերքուքի պարագային, որովհետեւ անոնք թրքական հողեր են: Աւելի՛ն. նախագահ Էրտողան բազմիցս յայտարարեց, որ հիւսիսային Իրաքի թիւրքմենները մինակ պիտի չձգէ, եւ անոնց անվտանգութիւնը կապուած է Թուրքիոյ անվտանգութեան: Հակառակ անոր որ Էրպիլ կը հաստատէ, որ քրտական ինքնավար մարզի տարածքին կ՛ապրին 600.000 թիւրքմեններ, որոնք հաստատուած են Քերքուքի եւ Թել Աֆարի մէջ, այսուհանդերձ, Անգարա կը պնդէ, որ անոնց թիւը կը հասնի մօտ 2 միլիոնի: Սակայն Իրաքի թիւրքմեններուն մեծամասնութիւնը կը պատկանի իսլամական շիի դաւանանքին, եւ անոնց վրայ Իրանի ազդեցութիւնը հետզհետէ կը մեծնայ: Թուրքիա մտավախութիւն ունի, որ իր սահմաններուն մէջ ապրող քիւրտերը եւս ապագային նոյն քայլին դիմեն, եւ իրաքեան քրտաբնակ շրջաններու հանրաքուէն սաստկացնէ Թուրքիոյ մէջ քրտական անջատողական զգացումը:

Վերջերս Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ Իսրայէլ իրաքեան քրտաբնակ շրջաններու անկախութեան կողքին է: Անշուշտ ասիկա անակնկալ մը չէր: Թել Աւիւի համար Իրաքի քրտական ինքնավար մարզը կարեւոր ռազմաքաղաքական նշանակութիւն ունի: Իսրայէլի համար կարեւոր է շրջանին մէջ դաշնակից ունենալը, սակայն նաեւ կարեւոր է, որ այդ դաշնակիցը սահմանակից ըլլայ իր թշնամիին` Իրանին, ինչպէս նաեւ նոյն քաղաքականութիւնը կը վարէ Ազրպէյճանի հետ: Իսրայէլ կ՛ուզէ շրջապատել Իրանը իր դաշնակիցներով, սակայն կը կասկածիմ, որ մօտիկ ապագային իրաքեան քրտաբնակ շրջանները այսպիսի վտանգաւոր քայլերու դիմէ: Սակայն եթէ Իրան սպառնայ քրտաբնակ շրջաններու անկախութեան, ապա ոչ մէկ բան կ՛արգիլէ այս մէկը:

Հայաստանի Դիրքորոշումը

Մարտին Հայաստանի կառավարութիւնը որոշում տուաւ, որ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ հիւպատոսարան մը պիտի բանայ: Ըստ քրտական ինքնավար մարզի հայազգի երեսփոխան Երուանդ Էմինեանի, Էրպիլ նոյնիսկ հողաշերտ մը տրամադրած է այդ նպատակին համար, սակայն մինչեւ հիմա Երեւանէն ոչ մէկ պաշտօնական քայլ առնուած է այդ ուղղութեամբ: Ինչո՞ւ կարեւոր է Հայաստանի համար դիւանագիտական յարաբերութիւն ստեղծել Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին հետ.

– Մեկնելով այն իրողութենէն, որ Հայաստանի մէջ կան եզիտիական ու քրտական համայնքներ, եւ  Ազգային ժողովին մէջ անոնք ունին իրենց պատգամաւորները, անոնք կրնան կապը ըլլալ իրաքեան քրտաբնակ շրջաններու մէջ ապրող եզիտիներուն եւ քիւրտերուն հետ` զարգացնելով երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական, զբօսաշրջային եւ մշակութային կապերը:

– ՏԱՀԵՇ-ի յարձակման ժամանակ քիւրտերը զինեցին եւ պաշտպանեցին քրտական ինքնավար շրջանի հայկական գիւղերը, հետեւաբար հայ համայնքը պաշտպանուած է քրտական կառավարութեան կողմէ, եւ Հայաստանի պարտականութիւնն է մօտէն հետապնդել համայնքին անվտանգութեան խնդիրը, մանաւանդ եթէ ապագային Թուրքիա ներխուժէ շրջանը:

– Իր քարիւղի հանքերով հարուստ Էրպիլ կրնայ Հայաստանի տնտեսութեան համար այլընտրանք մը ըլլալ: Հայաստանի տնտեսութիւնը այսօր պէտք ունի իր տնտեսական այլընտրանքները կրկնապատկելու, որպէսզի որոշ չափով իր կախեալութիւնը նուազեցնէ ռուսական տնտեսութենէն:

– Անշուշտ կարելի չէ պաշտօնական դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Պաղտատի հաշուոյն, որովհետեւ վերջերս Երեւանի եւ Պաղտատի միջեւ յարաբերութիւնները բաւական աճ արձանագրած են, սակայն ուշ կամ կանուխ Հայաստան ստիպուած պիտի ըլլայ քայլերու դիմելու:

Եզրափակում

Ներկայիս Էրպիլ կը փորձէ իր խաղաքարտերը խաղալ եւ ճնշումի ենթարկել Պաղտատի իշխանութիւնները, որպէսզի քաղաքական շահեր ստանայ իրաքցիներուն հաշուոյն, հաւանաբար Իրանի ճնշումով Իրաք Քերքուքի շրջանը իր քարիւղի հարուստ հանքերով զիջի քիւրտերուն, նոյն բանը կրնայ ըլլալ նաեւ Սինճարի պարագային, ուր եզիտիները մեծամասնութիւն կը կազմեն, կը մնայ Նինուէն, ուր ասորիները պառակտուած վիճակի մէջ են եւ տակաւին չեն կողմնորոշուած, թէ պիտի մնան Իրաքի՞ , թէ՞ ստեղծուելիք Քիւրտիստանի սահմաններուն մէջ: Անշուշտ տակաւին շատ կանուխ է խօսելու քրտական պետութեան ստեղծման մասին, սակայն արդէն իսկ Էրպիլ կրնայ նկատուիլ իբրեւ տէ ֆաքթօ կիսանկախ պետութիւն մը, որ ունի իր կառավարութիւնը, բանակը եւ սահմանադրութիւնը, սակայն ան շրջանին մէջ կարիք ունի դաշնակիցի մը, որ իր քաղաքական հովանաւորի դերը կրնայ խաղալ: Իսրայէլ աշխարհագրականօրէն ատիկա չի կրնար կատարել,  ուստի այդ հովանաւորը կա՛մ Թուրքիան, կա՛մ ալ Իրանը պիտի ըլլայ:

Yeghia.tash@gmail.com

Երկու Լուր, «Երկուսն Էլ Մի Բոյի…»

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Լուր առաջին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17ին, Հայաստանի ոստիկանութիւնը հաղորդեց, թէ յայտնաբերուած են տարի մը առաջ Երեւանի մէջ բջիջային հեռաձայնի նորոգութեան տաղաւար մը կողոպտողները։ Կողոպուտի չափը եղած է 1.5 միլիոն դրամ։ Ոստիկանութեան տեղեկատուութիւնը կ’աւելցնէ. «Նշուած գողութիւնը կատարելու կասկածանքով բերման են ենթարկուել սարիթաղցի անչափահասներ Արմանն ու Աշոտը եւ 23 ֊ ամեայ Սամուէլ Ադամեանը։ Ոստիկանութիւնում նրանք խոստովանական ցուցմունք են տուել»։

Հիմա կրնանք հանգիստ քնանալ, որովհետեւ գողերը ձերբակալուած են եւ հանրութիւնը աւելի ապահով վիճակի մէջ է։

Հայաստանի մամուլին մէջ նման լուրերու կը հանդիպինք գրեթէ ամէն շաբաթ, երբ մարդասպաններ, մեծ ու փոքր չարագործներ, նոյնիսկ ասոր ֊ անոր դրամապանակը գողցած հասարակ գրպանահատներ կը յայտնաբերուին։ Խօսք չկայ. ապահովական մարմինները աչալուրջ կը հետեւին եւ նոյնիսկ բջիջային հեռաձայնի տաղաւարի մը հասարակ գողութեան դէպքը կրնան բացայայտել, նոյնիսկ տարի մը վերջ՝ այդ նպատակով անհրաժեշտ մարդկային ու այլ «ռեսուրսներ» գործի լծելով։ Այսինքն ոստիկանութիւնը տրամադրած է դրամ, ժամանակ եւ մարդուժ՝ ամբողջ մէկ տարի, մինչեւ որ յայտնաբերած է աւազակները։ Մէկ խօսքով, ոստիկանութեան չեն պակսիր միջոցները եւ կամքը։ Մանաւանդ կամքը։

Աւելի քան չորս տարի անցած է Պռոշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի անարգ սպանութենէն։ Հրաչ Մուրադեան ազատամարտիկ էր. կռուած էր Արցախի ազատագրութեան համար։ Ան չսպաննուեցաւ ազերիին գնդակով, կռիւներուն ընթացքին, այլ՝ ի՛ր իսկ գիւղին մէջ եւ հայու (կամ հայու անուն կրողի մը) կողմէ։ Սակայն ո՞ւր էր Հայաստանի ապահովական մարմիններուն կամքը Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան հեղինակը (կամ հեղինակները) յայտնաբերելու ուղղութեամբ։ Աւելի քան չորս տարի անց, վէրքը տակաւին կը մնայ բաց։ Այն վէրքը, որ ո՛չ միայն Հրաչ Մուրադեանի հարազատներուն կամ գաղափարակից ընկերներունն է, այլ՝ նոյնինքն Հայաստանի՛ արժանապատուութեան։Հասանք բուն խնդրին. Կամքին (գլխագիր Կամքին)։

Այս ոճիրին չբացայատուիլը իրականութեան մէջ վէրք մըն է Հայաստանի մէջ օրինականութեան, օրէնքի գերիշխանութեան եւ մանաւանդ արդարադատութեան համար։
Բջիջային կրպակ մը կողպտածներուն բացայայտուիլը եւ Հրաչ Մուրադեանի ոճիրին կապակցութեամբ մեր մատնանշած հակասութիւնը հռետորական բնոյթ չունի. երբե՛ք։
Հայաստանի օրինապահ մարմինները պէտք է գիտնան, որ Պռոշեանի գիւղապետին թղթածրարը կրնայ փակուիլ միայն ու միայն յանցագործներուն բացայայտումով եւ արդարութեան կիրարկումով։ Որովհետեւ այդ կը պահանջէ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքը։ Իսկ օրէնքը կիրարկելու պարտականութիւնը ստանձնած պետական համապատասխան մարմինները ամէնէն առաջ իրե՛նք պիտի հետամուտ ըլլան արդարութեան։

Անցնինք միւս լուրին։

Քանի մը օրէ ի վեր Հայաստանի մամուլը, ինչպէս նաեւ հայկական ընկերային ցանցերը կը զբաղին Երեւանի կարգ մը փողոցներու անունները փոխելու՝ «Ելք»ի առաջարկով։ Այսինքն, խորհրդային օրերուն, հայ կամ օտար բոլշեւիկ գործիչներու անուններով կոչուած են կարգ մը փողոցներ եւ հիմա անհրաժեշտ է փոխել այդ անուանումները։

Նախ ըսենք, որ առանց ըստ էութեան տարակարծիք ըլլալու «Ելք»ի մօտեցումին, ակամայ յիշեցինք ծանօթ անեկդոտ մը (վերջը կ’անցնինք մեր բուն ըսելիքին)։ Ուրեմն, Երեւանի մէջ, անցորդ մը աճապարանքով թաքսի մը կը կեցնէ ու վարորդէն կը պահանջէ արագօրէն զինք հասցնել թրքական սահման։ Ճամբան յաճախորդը վարորդէն կը պահանջէ աւելի ու աւելի արագ քշել։ Վարորդը կը զարմանայ՝ «Ի՞նչ է եղել որ»։ Յաճախորդը կը բացատրէ՝ «Լուր չունե՞ս, թուրքերը հայեր են կոտորել, գնամ ու նրանց…»։ «Լաւ էլի, դա 1915ին էր», կը փորձէ հանդարտեցնել վարորդը. յաճախորդը կը պատասխանէ՝ «Ես նոր եմ իմացել…»։

Անցանք։

Խնդրոյ առարկայ փողոցներու անուանափոխութեան մասին, Առաջին կէտ Էյ. Էմ. կայքէջի թղթակիցը հարցազրոյց մը ունեցած է Հանրապետական կուսակցութեան առաջին դէմքերէն Էդուարդ Շարմազանովի հետ (հարցազրոյցը հրապարկուած է Չորեքշաբթի, 16 Օգոստոսին եւ զայն կարելի է գտնել Եու Թիւպի վրայ)։
Շարմազանով կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, որ խորհրդային գործիչներուն մէջ եւս եղած են Հայաստանին ու հայութեան նուիրուած անձեր եւ սխալն ու շիտակը, թիւրն ու թերին իրարու խառնելով կու տայ անունները Անաստաս Միկոյեանին, իր բառերով՝ «շատ բարձր մակարդակի գործիչ» Սարգիս Կասեանին (Վ.Բ. ֊ Առաջին Յեղկոմի նախագահը, որուն օրով կատարուեցան դաշնակցական գործիչներու ձերբակալութիւնները, բանակի սպայակազմի աքսորը եւ կացինահարումները Երեւանի մէջ) եւ ուրիշներու, պնդելով, որ «պէտք չի բոլորին նոյն սանրով սանրել», թէ՝ ճիշդ է կարգ մը անձեր սխալներ գործած են, սակայն նոյն խորհրդային օրերուն էր որ հիմնուած է Ակադեմիան եւայլն։ Մէկ խօսքով՝ անցեալին սխալներ եղած են եւ պէտք չէ սեւ ու սպիտակ մօտեցումով մերժել այն բոլորը, որ խորհրդային ժամանակաշրջանին կը վերաբերի, «ի վերջոյ, գիտէ՞ք ինչ կայ, Դաշնակցութիւնն էլ ա տեռոր արել… հիմա ի՞նչ»։

Չէին բաւեր Շարմազանովի շատ վիճելի պնդումները խորհրդային օրերու գործիչներուն նկատմամբ, հիմա… «Դաշնակցութիւնն էլ ա տեռոր արել»։ Իսկական գէորգ ֊ աբովեան մօտեցում («Դուք դաշնակ շներ, մենք չենք մոռացել»), միակ տարբերութեամբ, որ մինչ Աբով «չէր մոռացել», Շարմազանովի ենթաթեքսթը («հիմա ի՞նչ…») ենթադրել կու տայ, որ Աբովի «չմոռացածը» հիմա «մոռացուած» է…

Եւ քանի որ առիթը յարմար էր կարգ մը պատեհապաշտներու համար, անմիջապէս Արա Պապեան իր դիմատետրի էջին վրայ կ’արձագանգէ ըսելով՝ «Ստացւում է, որ հանրապետականը հիմա կոալիցիայի մէջ է տեռորիստների հետ»։

Չէր բաւեր Շարմազանովի անգիտութիւնը (կամ առնուազն՝ թաքթի պակասը), հիմա ալ ասոր վրայ կը բարդուի Պապեանի պատեհապաշտութիւնը, որ մէկ կողմէ իբրեւ թէ կը ձաղկէ Շարմազանովը (որուն կուսակցութիւնը հիմա «կոալիցիայի մէջ է տեռորիստների հետ»), միւս կողմէ սակայն, ըստ էութեան կը կրկնէ անոր միտքը։
Մեր խօսքը կ’ուղղենք բոլոր Շարմազանովներուն, Պապեաններուն եւ իրենց մեծ ու փոքր հետեւորդներուն ու վճռականօրէն կը յայտարարենք՝
Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատժիչ ձեռքը հասած է բոլոր անոնց (հայ կամ ոչ հայ), որոնք սպառնացած են հայ ժողովուրդի ֆիզիքական ապահովութեան։ Այդ կը վկայեն Խանասորի արշաւանքը եւ բոլոր մատնիչներուն ու դաւաճաններուն վախճանը։ Այդ կը վկայէ մանաւանդ Դաշնակցութեան 9րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումով (1919) շղթայազերծուած «Նեմեսիս» գործողութիւնը, որուն շնորհիւ իրենց արդար պատիժը գտան բազմաթիւ թուրք բարձրաստիճան գործիչներ։

Ու այս բոլորը՝ յանուն արդարութեան։ Այն արդարութեան, որուն կը ձգտի իւրաքանչիւր հայ։ Այն արդարութեան, որուն արժանի է մեր ժողովուրդը իր հաւաքական իրաւունքներու վերատիրացման համար։ Յանուն նաեւ ա՛յն արդարութեան, որուն համար հանրութիւնը թէ՛ սպասողական ակնկալութիւն ունի եւ թէ՛ պահանջատէր կը մնայ Հայաստանի օրինապահ մարմիններէն՝ Հրաչ Մուրադեանի հարցով։

17 Օգոստոս 2017
Լոս Անճելըս

 

Ակնարկ. Ամերիկեան Հետեւողականութիւն Ա. (Հոլովոյթ)

$
0
0

Ճիշդ 6 տարի առաջ, 2011-ին ամերիկեան Քոնկրեսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը յուլիս 20-ին կ՛ընդունէր խիստ ձեւակերպումներ պարունակող որոշում մը` պահանջելով, որ Թուրքիան բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները վերադարձնէ անոնց «օրինական սեփականատէրերուն»:

Քոնկրեսի  յանձնախումբը համապարփակ յաւելուած ընդունած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Օտարերկրեայ յարաբերութիւններու լիազօրման որոշումին մէջ` կոչ ուղղելով արտաքին գործոց նախարարին, որ` «Թուրքիոյ ղեկավարներուն եւ Թուրքիոյ այլ պաշտօնեաներու հետ պաշտօնական բոլոր հաղորդակցութիւններուն ընթացքին նշէ, թէ Թուրքիան պէտք է`

1) Վերջ դնէ ամէն տեսակի կրօնական խտրականութեան,

2) Թոյլ տայ, որ քրիստոնէական եկեղեցիներու կալուածներուն օրինական սեփականատէրերը կրօնական արարողութիւններ իրականացնեն եւ ընկերային ծառայութիւններ մատուցեն,

3) Օրինական տէրերուն վերադարձնէ քրիստոնէական եկեղեցիները եւ պաշտամունքի այլ վայրեր, նաեւ` վանքերը, դպրոցները, հիւանդանոցները, յուշարձանները, մասունքները, սրբավայրերը եւ կրօնական այլ կալուածներ, ներառեալ` արուեստի գործերը, ձեռագիրները, զգեստները, անօթները եւ այլ իրեր,

4) Քրիստոնէական եկեղեցիներու կալուածներու հոգեւոր եւ աշխարհական օրինական սեփականատէրերուն արտօնէ վերանորոգել Թուրքիոյ տարածքին գտնուող բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները եւ պաշտամունքի վայրերը, վանքերը, դպրոցները, հիւանդանոցները, յուշարձանները, մասունքները, սրբավայրերը եւ կրօնական այլ գոյքեր:

Դեկտեմբեր 2011-ին Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրեց Կրօնական ազատութիւններու մասին թիւ 306 բանաձեւը, որ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ հայկական եւ քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիները վերադարձնելու իրենց պատմական իրաւատէրերուն, թոյլատրելու անոնց մէջ հոգեւոր արարողութիւններ կատարել, վերցնելու կրօնական խտրականութիւնները:

Այժմ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն օգոստոս 15-ին ներկայացուցած է նախարարութեան զեկուցումը աշխարհի մէջ կրօնական ազատութեան վերաբերեալ:

Հայկական առումով արձանագրուած է`

Ա.  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայցը, որ կը պահանջէ վերադարձնել 1915 թուականին ապօրինի կերպով գրաւուած Սիսի կաթողիկոսական նստավայրը: 2016 յունիսին, Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը մերժած էր հայցը` ընթացակարգային պատճառներով, սակայն, դեկտեմբերին, հայցուորը դիմած էր Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան:

Բ. Թուրքիոյ իշխանութիւնները դադրեցուցած են կրօնական ծիսակատարութիւնները Աղթամար կղզիի հայկական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագ կատարել կ՛արտօնուի տարին մէկ անգամ միայն:

Գ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան ուղղութեամբ պետութիւնը կը փորձէ միջամտել ընտրութիւններուն: Հոն յիշատակուած է նաեւ Տիգրանակերտի Սուր շրջանին մէջ եկեղեցիներու պետականացման պարագան. մասնաւորապէս ըսուած է, թէ կը սպասուէր, որ շրջանին մէջ տեղի ունեցած զինեալ բախումներուն իբրեւ հետեւանք մեծ վնասներ կրելէ ետք` այդ եկեղեցիները անյապաղ վերադարձուէին համապատասխան համայնքներու հիմնարկներուն:

Դ. Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող հայ որբերու ճամբարը` «Քամփ Արմէն»-ը հայկական համայնքին վերադարձնելու իրաւունքին վերատիրանալու համար համայնքը պայքարած է 175 օր:

Քոնկրեսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբէն Քոնկրեսի 306 բանաձեւ եւ այժմ արտաքին գործոց նախարարութեան զեկուցում` նկատի ունենալով միայն ամէնէն հիմնական փուլերը, պաշտօնական Ուաշինկթընը ո՛չ միայն ընդհանրապէս կրօնական ազատութիւններու հարցով, այլ նաեւ հայութեան հետ առնչուած պահանջներու ուղղութեամբ դրսեւորած է քաղաքական հետեւողականութիւն: Խնդիրը ըստ ձեւի կրօնական ազատութիւններուն կը վերաբերի, բայց ըստ էութեան հիմնովին քաղաքական է անշուշտ: Պաշտօնական Ուաշինկթընի ընդհանուր առաջադրանքները Թուրքիայէն այս զեկուցումով վերածուած են ուղղակի պահանջներու: Նախադրեալները կը յուշեն, որ պահանջներու օղակը աւելի սեղմուելու միտումներ կը դրսեւորէ:

«Ա.»

Ապագայի Հեռանկար Հայկական Լինելութիւնը

$
0
0

Մասնաւոր` «Ազդակ»-ին

Գրեց` ՄՈՒՍԱ ՓՐԵՆՍ

Հայ ինքնութեան, հայկական անհատականութեան եւ մեր հետապնդած խնդիրներուն առնչութեամբ իր ներկայացուցած այժմէականութեան համար կ՛արտատպենք «Ազդակ»-ի նախկին խմբագիր Տիգրան Ոսկունիի թարգմանած մէկ գրութիւնը, որ կը պատկանի լիբանանցի անուանի հայասէր եւ իրաւաբան Մուսա Փրենսի գրիչին, տպուած` 19 օգոստոս 1967-ին:

ԽՄԲ.

Պերկսոն կ՛ըսէր արդէն, որ ԿԵԱՆՔԸ ԼԻՆԵԼՈՒԹԻՒՆ Է: Այս կը նշանակէ՞ արդեօք, որ լինելութիւնը շարունակութիւնն է ներկային` անոր այլազան յատկանիշներուն եւ բազմապիսի երեսներուն մէջ: Հայասպանութեան մասին մեր ուսումնասիրութիւնը, ցեղասպանութեան ընդհանուր եւ պատմական շրջագծին մէջ, իբրեւ մէկը մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներուն, նպատակ չունէր երբեք հազարերորդ անգամ կատարելու յուզիչ նկարագրութիւնը հայկական սպանդին, աներեւակայելի` իր վայրագութեան եւ աննկարագրելի` իր ահաւորութեան մէջ: Ընդհակառա՛կն, մեր առարկայականութեան մէջ աշխատեցանք կարելի եղածին չափ հաստատել դրդապատճառներն ու իրողութիւնները, եւ մեր ենթակայութեան մէջ առաջադրել, որքան հնարաւոր է, անխուսափելի հետեւանքները «նահատակ ազգ»-ին արժանի լինելութեան մը: Այդ լինելութիւնը տակաւին ասպարէզ կը կարդայ մարդոց արդարութեան եւ բարձր քաղաքականութեան, երբ անոնք հեռու են ճշմարտութենէն: Ինչ որ արդար է, արդա՛ր է, եւ փորձեցինք համեստօրէն պիտի փորձենք միշտ, այս ազնիւ գաղափարը յարգել մինչեւ ծայրը, աշխարհի մը մէջ, ուր, աւա՜ղ, առաքինութիւնները, կարծէք, աստիճանաբար կ՛անհետանան, եւ ուր բարոյականը հետզհետէ կ՛ընկրկի… Երբեմն հարց կու տանք մենք մեզի, եւ` իրաւամբ, թէ արագաքայլ չե՞նք դիմեր միթէ դէպի ամբողջական անհաւասարակշռութիւն, դէպի խաւարները անցեալ դարերուն, դէպի թանձր մշուշը պատմութեան…

Ի՞նչ կ՛ուզենք ապացուցել: Ի՞նչ պէտք է ապացուցենք: Ի՞նչ է հայկական լինելութիւնը: Ժամանակն է, որ վերջին այս հարցումը տրուի` իբրեւ հետեւանքը առաջին երկուքին, խոստովանելով հանդերձ, թէ այս պարագային, կայ մէկ պատասխան. պատասխանը` առարկայական իրականութեան, պատմական եւ քաղաքական իրականութեան միաժամանակ:

Առանց երբեք շեղելու հակացեղապաշտի մեր անտեղիտալի սկզբունքէն` չենք կրնար անգիտանալ, սակայն, հայ ազգին «ցեղային յատկութիւնները», ազգ մը, որ յաղթական դուրս եկաւ ցեղասպանութենէն եւ աւելի քան երբեք` կենսունակ: Հայկական «անհատականութիւնը» դատապարտուած չէ կորսուելու սփիւռքով, որ եղաւ պարտադրանքը դարերու վրայ տարածուող յաջորդական ջարդերու եւ անցեալ դարուն վերջերը սկսած սիստեմաթիք հայասպանութեան: Ընդհակառա՛կն, այդ անհատականութիւնը կրնայ արժեւորուիլ եւ հարստանալ, պայմանաւ որ ի սփիւռս աշխարհի ցրուած հայերը խոր գիտակցութեամբ եւ զօրեղապէ՛ս օգտագործեն ցեղային կարողութեան հանքերը, զորս թաղուած կը գտնենք ցեղին ընդերքներուն մէջ: Հայերը, այսպիսով, կոչուած են մնալու «հայ»` ի դերեւ հանելու համար յաւիտենապէս հռչակաւոր ցեղասպանութիւնը թուրքերուն, եւ այս շատ բան ըսել է արդէն… Բայց «ինքզինք» մնալու այս կոչը, ինչպէս պիտի տեսնենք հայկական լինելութեան հանդէպ ներկայ դիրքորոշման մէջ, պէտք չէ ու երբեք պիտի չկասեցնէ «ընտելացում»-ի գործողութիւնը, որ, պէտք է խոստովանիլ, լիովին յաջողեցաւ այս կենսունակ ժողովուրդին մօտ: Ամէն պարագայի մէջ, ժողովուրդ մըն է այս, որ ցեղապաշտ չէ սփիւռքի եւ աքսորի ենթարկուած այլ ժողովուրդներու պէս: Այլ` խորապէս մարդկային ժողովուրդ մը, որ տակաւին կը հաւատայ եղբայրութեամբ հարստացած հաւասարութեան մը:

Հայկական լինելութիւնը չի սահմանափակուիր պարզ վերադարձով մը նախնեաց հողերուն, որովհետեւ ատիկա, մեր համեստ կարծիքով, երկրորդական երես մըն է: Յամենայն դէպս հեռաւոր հանգրուան մը` նպատակի ճամբուն վրայ: ՀՈՂԸ, ՈՒՇ ԿԱՄ ԿԱՆՈՒԽ, ԻՆՔՆԱԲԵՐԱԲԱՐ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԱՆՈՆՑ, ՈՐՈՆՔ ՏԷ՛ՐՆ ԵՆ ԱՆՈՐ` ԻՐԵՆՑ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ. քանի որ մեզի համար հողը ունի հոգի մը, որ հաղորդութեան մէջ է ազգին հոգիին հետ, որուն նուիրուած եւ նուիրագործուած է պատմականօրէն եւ ընկերայնօրէն: Ներխուժողները շատ յաճախ ունին անցքի իրաւունք մը միայն, ազատ` ժամանակի եւ միջոցի սահմաններէն:: Մարդիկ` երբեմն` սխալմամբ, կը կարծեն տէր ըլլալ բանի մը, մինչ իրականութեան մէջ կը ստանան անոր չարապտուղը միայն: Ու բռնագրաւողները, ովքեր ալ ըլլան, իրենց էութեան մէջ կը զգան այս անփշրելի ճշմարտութիւնը, որ շատ-շատ կ՛աշխատին ծածկել: Այս կէտին մէջ աշխարհ քանի՜ անգամ չեղաւ զոհը իր սեփական պատրանքներուն եւ քանի՜ անգամ քաղաքականութիւնը չաշխատեցաւ դիտումնաւոր կերպով ստեղծել նման շփոթներ:

Հայկական «տիպար»-ին ազգահոգեբանական ուսումնասիրութիւնը, որուն միացաւ պատմական փորձ մը, մեր «ՀԱՅԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ» գործի ընդմէջէն մեզի ցոյց տուաւ, որ այս տիպարը ունի ցեղային երկու բացառիկ յատկութիւններ. առաջինը` «ընտելացում»-ի յատկութիւնը,  երկրորդը` «կենսունակութեան», ինչպէս պիտի հաստատենք հայկական լինելութեան այս յանդուգն ուրուագծին մէջ: Անգամ մը եւս կը յայտնենք, որ մեր վերոյիշեալ գործը կոչուած չէ ցեղային կամ կրօնական պառակտում եւ ոչ ալ ժողովուրդներու միջեւ ատելութիւն ստեղծելու, ընդհակառա՛կն: Այլ խորապէս ազդուած Օսմանեան կայսրութեան քաոսային ողբալի վիճակէն` կատարեալ բարեմտութեամբ նուիրուեցանք զուտ առարկայական ուսումնասիրութեան մը, որուն շնորհիւ կրցանք երեւան հանել հայ ազգին «ցեղային յատկութիւնները»:

Այսպէս, այն պահուն, երբ այդ կայսրութեան գրեթէ բոլոր ենթակայ ժողովուրդները, քրիստոնեայ թէ իսլամ, կը դրսեւորէին ազատագրութեան իրենց արդար  ցանկութիւնը եւ բացայայտօրէն կ՛անջատուէին այդ ժամանակի «Հիւանդ մարդ»-ուն մէջ մարմնացած «օսմանցիութենէն», լայնօրէն փաստուած է, որ հայերը, ընդհակառա՛կն, նոյնքան նախանձախնդիր էին իրենց հայկական ազգայնականութեան, որքան` իրենց օսմանեան քաղաքացիութեան: Պատմութիւնը կ՛ըսէ, որ անոնք կը գոհանային բարենորոգումներ պահանջելով, մինչ ուրիշներ կ՛ապստամբէին արդէն, իրենց կատարեալ անկախութեան համար: Ասիկա մեզ կը տանի երեւան բերելու ընտելացումի յատկութիւնը հայերու մօտ, ու այս հայկական «տիպար»-ին յատկանիշներէն մէկն է: Բացի ատկէ, պատմականօրէն հաստատեցինք, որ թուրքերու ցեղասպանութեան զոհ հայերը հազուադէպ պարագաներու զէնքի դիմեցին, եւ միայն` ինքնապաշտպանութեան համար: Մինչդեռ, Աստուած գիտէ, թէ հայերը որքա՛ն քաջարի կռուողներ են: Անոնք նոյնիսկ անցեալին քաջութեամբ եւ սիրով պաշտպանած են անկումի մէջ եղող կայսրութեան մը սահմանները եւ հիմերը վարչակարգի մը, որ բնաջնջումի դատապարտած էր զիրենք: Ասիկա, պէտք է խոստովանիլ, կ՛ըսենք ի պատիւ իրենց: Էնվեր փաշա հրապարակով ընդունած է արդէն այս ճշմարտութիւնը: Հայերը միշտ տէր կանգնեցան կայսրութեան հռչակաւոր ազատական «ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ»: Ապա խորապէս հաւատացին Երիտասարդ թուրքերու խոստումներուն: Օրինակ, Զոհրապ եւ իր ընկերները պատրաստ էին ներելու նոյնիսկ միլիոնաւոր զոհերը, եթէ Երիտասարդ թուրքերը վերադառնային «Իթթիհատ վէ թերաքքը» կուսակցութեան ազատական վարդապետութեան: 1894-1915, օսմանցիութենէն բազմիցս յուսախաբ, հայերը ընտելացումէ ընդունեցին հրաժարիլ այն ատեն միայն, երբ նոյնինքն օսմանցիութիւնը հրաժարեցաւ իր սկզբունքներէն` կորսուելու համար ցեղակրօն եւ աղանդամոլ համաթուրանականութեան մը կամ համաթրքութեան մը մէջ:

«Ապաստան» կոչուող երկիրներուն մէջ, ուր հայկական սփիւռքը արձանագրեց իր վերելքը, պէտք չկայ ընտելացումի ապացոյցներ տալու: Պատմաբաններու, ընկերաբաններու եւ զինուորական պետերու վկայութիւնները շա՛տ են այս մասին: Ա. Աշխարհամարտի վաղորդայնին, «Հայկական լեգէոն»-ին ուղղուած զօրավար Կուրոյի պերճախօս կարգախօսը բազմաթիւներու մէջ օրինակ մըն է, եթէ պիտի սահմանափակուինք զինական սխրագործութիւններու մարզին մէջ: Մարդկութեան պատմութեան մէջ ուրախութեամբ կը կարդանք այս ժողովուրդին սահմանուած երախտագիտական ամբողջ էջեր եւ կը տեսնենք, օրինակ, թէ հայերը «իրենց կորովով, տառապանքներով եւ այն յարգանքով, որ պարտական ենք իրենց փառապանծ անցեալին, արժանի են, որ Եւրոպան պատուաւոր տեղ տայ իրենց աշխարհին մէջ»: Հայերը ընտելացած են եւ միշտ կ՛ընտելանան միւս ժողովուրդներուն, երբ պէտք է ճիգերը միացնել` քաղաքակրթութիւնը զարգացնելու եւ մարդկութեան ծառայութիւն մատուցելու համար: Ո՛չ մէկ երկիր վնասուեցաւ անոնց ներկայութենէն, ընդհակառա՛կն, կը թուի, թէ բոլորն ալ բարեբախտ նկատեցին անոնց գործունէութիւնը: Թուրքերը` իրենք, իրենց խորքին մէջ, զղջացին, պիտի զղջան տակաւին ու հետզհետէ աւելի՛: Տրամաբանութեան օրէնքը ա՛յս կը պահանջէ, ա՛յս կը պահանջէ մանաւանդ ճշմարտութեան տրամաբանութիւնը:

Ընտելացումը, ուրեմն հայ ազգին տիրական յատկութիւններէն մէկն է: Շնորհիւ այդ յատկութեան, հայը կրնայ սքանչելի քաղաքացի դառնալ ապաստան երկրին մէջ` առանց երբեք այդ պատճառով հայկական «անհատականութիւնը» կորսնցնելու վտանգին ենթարկուելու: Այս վերջինը` հայկական «անհատականութիւնը» անխոցելի է, այնքան ատեն, որ ներսէն հարուած չէ ստացած: Վտանգը իր ինքնաքանդումին մէ՛ջն է: Հայերը անոր պատասխանատուութիւնը կը կրեն իրենց ազգային խղճին եւ մարդկութեան պատմութեան առջեւ: Պէ՞տք է վախնալ նման ճշմարտութիւն մը քողազերծելէ: Ո՛չ: Պէտք է քաջութիւնը ունենալ ըսելու, որպէսզի, Աստուած մի՛ արասցէք, չպարտաւորուինք ականատես ըլլալու հայ ժողովուրդին գոյութիւնը հարուածող Յայտնութենական տեսիլքներու, ժողովուրդ մը, ուր գոնէ առ այժմ կրնայ գոյատեւել Հայաստանէն դուրս: Պիտի տեսնե՞նք հայերը, որ ձեւով մը հայասպանութիւնը կը հասցնեն իր իսկական նպատակներուն, որոնք յղացուեցան թշնամիին կողմէ եւ պիտի գործադրուին իրենց միջոցով: Այն ատեն, ի՜նչ հեգնանք ճակատագրի, հայերը իրենց սեփական ձեռքերով պիտի քանդե՞ն այդ «անհատականութիւնը», որ պատմութեան ընթացքին բոլոր արշաւողները չկրցան քանդել որեւէ ատեն: Չենք ուզաեր հաւատալ… Հայասպան թուրքերն իսկ ճզմուեցան այդ «անհատականութեան» տոկունութեան առջեւ: Անոնք լռելեայն ընդունեցին իրենց պարտութիւնը` առանց սակայն սխալները ուղղելու քաջութեան առաքինութիւնն ունենալու:

Հայերը մեռան միլիոններով, զոհ` ահաւոր սպանդներու, բայց հայկական «անհատականութիւնը» վերապրեցաւ փիւնիկի մը պէս, որ կը վերածնի իր աճիւններէն: Անժխտելի է անոր «կենսունակութեան» յատկութիւնը, երկրորդը` իր գլխաւոր ստորոգելիներուն, որուն վրայ պիտի նետենք արագ ակնարկ մը:

Պատմութիւնը պեղելով եւ այն հարցումին, թէ ի՛նչ եղաւ հայոց կեցուածքը ցաւատանջ դարերու ընթացքին, կը գտնենք հետեւեալ պատասխանը. «Այդ կեցուածքը եղաւ վեհարժան եւ հերոսական: Վեհարժան, որովհետեւ ժողովուրդը, հակառակ իր անհուն դժբախտութիւններուն, ամրօրէն կառչած մնաց իր հաւատքին, իր լեզուին, բարքերուն, եւ ազգային աւանդութեանց: Հերոսական, որովհետեւ Հայաստան չբաւականացաւ միայն արցունք թափելով, այլ բազմիցս, վիրաւոր` իր մտերմագոյն զգացումներուն մէջ, զէնքի դիմեց եւ իր արիւնով վճռեց իր հոգիին պոռթկումները»: Նման ազգ մը չի կրնար մեռնիլ ցեղասպանութեան հարուածներուն տակ, ինչ որ ալ ըլլայ ան: Անոր վախճանը կրնայ ըլլալ անձնասպանութեան մէջ միայն եւ անոր կենդանի անհատականութիւնը շատ աւելի զօրաւոր է, քան` զօրաւորագոյնը արշաւողներուն եւ բռնակալներուն: Մեր վախը կու գայ, ուրեմն, ներքին կռիւներու տեսիլքէն, որովհետեւ այս եռուն, բայց որոշ ուղղութիւն չստացած եւ ոճրային քաղաքականութեամբ մը մաքիաւելականօրէն շահագործուած «անհատականութիւնը» կը մնայ բնաջնջումի միակ օճախը: Ցեղասպան քաղաքականութիւնը կարողացած չըլլալով իբրեւ «ազգ» ծունկի բերել հայութիւնը` պիտի փորձէ զայն բնաջնջել իբրեւ «անհատ» եւ իբրեւ «կուսակցութիւնը», զանոնք իրարու դէմ ցցելով: Այս անարգ եւ զազիր հայասպանութիւնն է, որ պէտք է ձախողեցնել: Այսպէս, ուրեմն, հայկական անհատականութիւնը իր մէջ եւ միա՛յն իր մէջ կը կրէ սերմերը իր սեփական քանդումին: Ի վերջոյ, այս չէ՞ միթէ մետալին միւս կողմը եւ նոյնինքն ցեղին «յատկութիւններ»-էն ծնունդն առնող վտանգը:

Եզրակացութիւնը. կարելի է ըսել, որ հայկական լինելութիւնը կախում ունի հայկական այս «անհատականութենէն», այնքան ատեն որ կապուած է անոր: Հայերէն կը պահանջուի վառ պահել այդ անհատականութեան բոցը, մշակել անոր յատկութիւնները, որովհետեւ ա՛ն է կենդանի Հայաստանը իրենցմէ իւրաքանչիւրին մէջ, ի՛նչ արհեստ ալ ունենան, ի՛նչ կուսակցութեան ալ պատկանին, ո՛ր երկիրն ալ բնակին: Բարի քաղաքացիներ են ամէնուրեք այս հայերը, այնքան ատեն որ հայկական «անհատականութեան» իրենց յատկութիւնները անոր կարելիութիւնը կու տան իրենց: Եւ սակայն իրենցմէ կը պահանջուի մասնակցութիւն մը այդ «ազգ»-ին, որուն սահմանները ամէն բանէ առաջ սահմաններն են անհատականութեան, «երկու Արարատներու հայրենիք»-ին սահմաններէն անդին: Ամէնուրեք  եւ ամէն բանի մէջ սքանչելի արհեստաւորներ են, բայց ամէն բանէ առաջ` կերտիչները հայկական լինելութեան:

Աշխարհը գուցէ օր մը արդարութիւնը ընէ հայ ազգին: Ասիկա մեր սրտագին մաղթանքն է, եւ ասիկա Արդարութիւն մըն է: Բայց բուն արդարութիւնը այն է, որ հայերը իրենք եւ միայն իրենք պիտի դարբնեն, անկախ` պետութիւններու դիրքէն եւ մեծերու քաղաքականութենէն: Հայը փայլուն է մարդ էակի իր յատկութիւններով: Ասիկա բջիջային գործողութիւն մըն է, որ շատ բնականաբար կը կատարուի հայկական «անհատականութեան» մէջ: Ուստի, կրնանք ըսել եւ, առանց կարելի սխալի, ոչ ալ ուրիշները վիրաւորելու վախին, թէ հայկական լինելութիւնը կենդանի եւ բարեշրջուող իրականութիւն մըն է: Պատասխանատու է այս լինելութեան` իւրաքանչիւր հայ, ի՛նչ քաղաքացիութեան ալ պատկանի: Հայասպանութիւնը անշուշտ դառն փորձութիւն մը եղաւ, բայց հայկական լինելութիւնը կը գտնուի բախտորոշ փորձութեան մը նախօրեակին, ան, որ միւսին չափ արիւն պիտի չհոսեցնէ անշուշտ, բայց որ կրնայ ընկղմել ամբողջ ազգ մը, եթէ ուշադիր չըլլայ ան:

Այսպէս, շա՛տ պիտի պահանջուի հայէն, նախ` հայկական լինելութեան համար, ապա` մարդկութեան բարիքին, որովհետեւ ի ծնէ շատ տրուեցաւ իրեն:

Թարգմանեց`
ՏԻԳՐԱՆ ՈՍԿՈՒՆԻ

Գիւղագնաց Հայ Զբօսաշրջիկի Նախանձ

$
0
0

ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Առաջին անգամն ըլլալով կը գտնուէի Ֆրանսայի հիւսիսարեւմտեան շրջանը, Պրըթանիա: Գաւառական քաղաք Փոնթիվիէն ինքնաշարժով տասը վայրկեան հեռու գտնուող կալուածի մը մէջ, որուն շէնքերը նախկին երկրագործական եւ անասնապահական նպատակի ծառայած են: Կը բնակէինք նորոգուած առանձին շէնքի մը մէջ, որ նախապէս ձիերու ախոռ եղած էր: Մէկ հեկտար տարածութիւն:

Դաշտերու ցորենը հնձուած էր կամ կը հնձէին: Եգիպտացորենը դեռ չէր հասունցած: Ընդարձակ դաշտերը կա՛մ հերկուած էին, կա՛մ կը ծփային հսկայ ծառերու կանաչին մէջ, շոճիի ընտանիքէն, զոր կը կոչէին տուկլաս: Կպրապատ խնամուած ճանապարհներու ցանցը ամէնուրեք էր, ուղղութիւն ցոյց տուող եւ զգուշացման ցուցանակներ, նաեւ ինքնագործ հսկողութեան սարքեր կային, օրինազանցները անմիջապէս կը նկարուէին եւ կը տուգանուէին: Ուշագրաւ էր մաքրութիւնը: Ճամբաներուն վրայ կամ եզերքը աղբ չկար, շիշեր չկային, աշխարհը ողողած զանազան զովացուցիչներու կամ պահածոյի մետաղեայ տուփեր չէին նետուած, հակառակ անոր որ աշխարհի այս մասին մէջ ալ սպառողական ընկերութիւնը տիրական էր:

Եթէ ճամբաները շինուած էին պետութեան կողմէ, տիրող մաքրութիւնը գործն էր քաղաքացիին, հողամշակին, բնակիչին: Չկրցայ չմտածել եւ չբաղդատուիլ Հայաստանին հետ: Ի հարկէ, Հայաստանը Ֆրանսա չէ, բայց մաքրութեան առաքինութիւնը անհատին, քաղաքացիին եւ գիւղացիին պարտականութիւնն է: Փոխանակ երազելու եւ լուսանկարելու Էյֆելեան աշտարակը` ինչո՞ւ չհիանալ Փարիզէն հինգ հարիւր քիլոմեթր հեռու գտնուող այս երկրագործական եւ անասնապահական տարածութիւններու մաքրութեան եւ կանոնաւորութեան:

ԺԶ. դարու ֆրանսացի գրող եւ իմաստասէր Միշէլ տը Մոնթենիը կ’ըսէր, որ ճամբորդութիւնները օգտակար էին երիտասարդներու կազմաւորման եւ դաստիարակութեան համար: Այսօր կրնանք ըսել, որ զբօսաշրջութիւնը օգտակար կ’ըլլայ մեր ժամանակակիցներու դաստիրակութեան, եթէ դիտեն, դատեն, գնահատեն եւ բաղդատուին: Գաւառական քաղաք մըն է Փոնթիվին, 23.000 բնակչութեամբ: Կրնանք բաղդատել Հայաստանի Աշտարակին: Բայց երբ աչքի առաջ կ’ունենանք մէկը եւ միւսը, միտքէ չհանելով այն պարզ իմաստութիւնը, որ բաղդատելին պէտք է բաղդատել, կը տարուինք մտածելու, որ ի՞նչ կրնայ չընել աշտարակցին, որ կ’ընէ փոնթիվիցին:

Գաւառական այս քաղաքի վաճառատուները, բանջարեղէնի, ուտեստեղէնի, հագուստի, տնային սարքերու, ակնոցի` մաքրութեամբ կը ճառագայթէին, չէին տպաւորեր իրենց ճոխութեամբ, ինչպէս` մեծ քաղաքներու մէջ, այլ` անձրեւէն լուացուածի տեսքով: Այս չէր ստացուած պետական որոշումով, յատկացումներով, համեստ մարդիկ, քաղաքացի եւ գիւղացի, իրենք գիտէին, որ տէր էին եւ բնակիչ: Մայթերուն վրայ, ծառերուն տակ, սրճարաններու մուտքին ծխախոտի կճատներ չկային` ո՛չ առաւօտեան ժամերուն եւ ո՛չ երեկոյեան: Ինքնաշարժները չէին սուրար քաղաքին մէջ, ճչակները չէին լսուեր:

Այս բոլորը, համագումար, կը կոչուի «կեանքի որակ», զոր ստեղծած են բնակիչները:

Փոնթիվիի շրջակայքի գիւղերը իրենց դարերու հնութիւն ունեցող տուներով, միջնադարէն մնացած եկեղեցիներով, մաքուր փողոցներով կեանքի որակի նոյն տպաւորութիւնը կը թողուն: Հոս ալ մարդիկ աղբ կ’արտադրեն, բայց աղբը փողոց չեն թափեր: Հին եւ սալայատակուած փողոցները, հինցած մայթերը կը փայլին իրենց մաքրութեամբ: Գինիի եւ խնձորօղիի շիշերը մայթերուն վրայ չեն իջեւաներ:

Քաղաքին մէջ եւ շրջակայքը թափառումներուս ընթացքին կը մտաբերէի Լիբանանի Պէյրութի կից հայաքաղաք Պուրճ Համուտի փողոցները, անոնց եզրին տնկուած նարնջենիներու բունին տակ նետուած կճատները, զովացուցիչներու մետեղեայ եւ խաւաքարտէ տուփերը: Անկիւնադարձին դիզուած կ’ըլլային հին հագուստները, տան կարասիները եւ բազմատեսակ իրեր, որոնք մինչեւ մեծ աղբամանները չէին տարուեր:

Շրջապատի պաշտպանութիւնը պետական ըլլալէ առաջ քաղաքացիական գիտակցութիւն է: Քաղաքացիական վերաբերում, civisme:

Հայաքաղաք Պուրճ Համուտէն անդին կ’երթայ երեւակայութիւնս, Հայաստանի մայրաքաղաքը եւ գիւղերը, ուր կեանքի որակի պաշտպանութիւնը քաղաքացիին պարտականութիւնը չէ կարծէք` հակառակ քաղաքապետութիւններու ճիգին: Աղբ եւ աղմուկ միաժամանակ կը վնասեն նոյն այդ կեանքի որակին, որ այնքան անհրաժեշտ է բնակիչներու առողջութեան: Ինչո՞ւ մեր երկրի ճամբաները եւ փողոցները իւրաքանչիւր քաղաքացիի, նաեւ զբօսաշրջիկի բծախնդիր ուշադրութեան առարկայ պիտի չըլլան նպաստելու համար կեանքի որակին:

Թափառեցայ Փոնթիվիի դաշտերը, մերձակայ գիւղերը: Հնձուած դաշտերը, բաց հորիզոնի վրայ, կը նմանէին գեղանկարի: Մէկ գիւղէն միւսը ձգուող ճամբաներու եզրին աղբեր չկային, նոյնիսկ թռչող թուղթէ թաշկինակներ կամ կերպընկալ նիւթէ տոպրակներ:

Այս մաքրութիւնը ոչ միայն քաղաքացիական կրթութիւն է, այլ` ապրուած հայրենատիրութիւն:

Նախանձեցայ: Ինչո՞ւ այսպէս պիտի չըլլան հայաքաղաք Պուրճ Համուտը, Երեւանը, Երրորդ մասը, Հայաստանի գաւառները:

Մեծ տարեդարձներու տօնախմբութիւններու կողքին, մեծ ճառերէ առաջ եւ վերջ, եթէ քիչ մըն ալ խօսէինք եւ լսուէինք ինչ կը վերաբերի կեանք որակի մասին… այն տարրական civisme-ի մասին, որ իւրաքանչիւրի հասողութեան սահմաններուն մէջ է:

Նախանձեցայ: Չեմ ըսեր` հիացայ, քանի որ բնական երեւոյթներու չեն հիանար:

Նախանձս կը դառնա՞յ վարակիչ…

Ի դէպ, հոս ալ հայեր կան: Հայ կին մը` ՎԱՆ (Vannes) քաղաքը, եւ Վրաստանէն եկած հայեր` իրենց զաւակներով… Փոնթիվիէն երեսուն քիլոմեթր հեռու: Եթէ Վրաստանէն մինչեւ այս անծանօթ շրջանները կրնան գալ, ինչպէ՞ս չեն գտներ Հայաստանի ճամբան, ուր կան` Կապան, Մեղրի, Լոռի, Սիսիան…

Ղեկավարութիւնները ցոյց պիտի տա՞ն ճամբան:

11 օգոստոս 2017, Փոնթիվի, Պրըթանիա, Ֆրանսա

Viewing all 12135 articles
Browse latest View live