Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12047 articles
Browse latest View live

Տեսակէտ. Համա-ՀՄԸՄ-ական Խաղերը Հայաստանի Մէջ` Մենք Մեզի

0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Նախորդ շաբաթներուն, երբ Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերու բացումը կատարուեցաւ, աւելի քան 1250 ՀՄԸՄ-ականներ` սփիւռքի տարբեր գաղութներէն, Հայաստանէն  եւ Արցախէն, բաւական լաւ ու աշխուժ մթնոլորտ ստեղծեցին:

Նախ ըսենք, որ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան համար նման նախաձեռնութեան մը իրագործումը ողջունելի է: Հակառակ տնտեսական, կազմակերպական եւ մարդուժի տագնապին` այդ տարողութեամբ բան մը իրականութիւն դարձնել: Սակայն նկատի ունենալով, որ մօտէն կը հետեւիմ Հայաստանի տպագիր եւ ելեկտրոնային մամուլին, դժբախտաբար ոչ մէկ ձեւով արձագանգ կատարուեցաւ այս նախաձեռնութեան:

Ինչո՞ւ այս անտեսումը, հակառակ անոր որ ամիսներ առաջ մամլոյ ասուլիս տեղի ունեցաւ եւ յայտարարուեցաւ այս մասին, այս խաղերուն վերաբերող հարցազրոյցներ կատարուեցան, սփիւռքի նախարարութիւնը հովանաւորեց զանոնք, եւ աւելի՛ն, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տողանցք եւ մեծ հանդիսութիւն տեղի ունեցաւ:

Ինչպէ՞ս բացատրել այս հաւաքական կեցուածքը: Ինչպէ՞ս տրամաբանական պատճառ գտնել նման տարողութեամբ Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերուն մասին եղած լռութեան եւ անոնց անտեսումին:

Հայաստանի գիւղի մը հրապարակին վրայ կայացած ելոյթ մը աւելի մեծ արձագանգով կը մեկնաբանուի սովորաբար:

Ո՛չ մէկ ձեւով արդարացի է, որ Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերը այսքան անտեսուին:

Ո՛չ մէկ ձեւով ընդունելի է, որ մենք մեզմով միայն ուրախ ըլլանք հայրենիքին մէջ:

Որքա՞ն ճիշդ է նման նախաձեռնութեան մը այսքա՛ն անտեսում:

Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերուն մասնակցելու համար իւրաքանչիւր գաղութ անկարելին կարելի ըրաւ, որպէսզի ամէն մէկ պատանի եւ պարմանուհի չզրկուի հայրենիքէն, նման նախաձեռնութեան մը մասնակից ըլլալէ:

Այս բոլորէն ետք շատ նեղացուցիչ եւ ընդվզեցուցիչ երեւոյթ է այս անտեսումը:

Անտեսում կ՛ըսեմ, որովհետեւ փաստօրէն Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերը մենք մեզի ըրինք:

 

 


Խմբագրական. Սեւր 2-ը` Միջազգային Քաղաքականութեան Տրամաբանութեամբ (Սեւրի Դաշնագիրի 97-ամեակին Առիթով)

0
0

Սեւրի դաշնագիրի մասին հրապարակային վերլուծում կամ պայմանագիրին հետ կապուած իրադարձութիւններու այժմէականացման որեւէ փորձ անպայման անմիջականօրէն մեզի համար կը կապուի Ուիլսընի իրաւարար վճիռին հետ:

Այստեղ կայ նախ եւ առաջ զուտ իրաւական  մեկնաբանութեան հարց: Իրաւարար վճիռը ըստ միջազգային օրէնքի անբեկանելի է եւ հետեւաբար ուժի մէջ մտնելու կամ չմտնելու խնդիր չի դիմագրաւեր, այդ պատճառով ալ կայ այսօր իրաւագիտական մօտեցում, որ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը չէ գործադրուած եւ ոչ թէ անվաւեր նկատուած է:

Միւս կողմէ, սակայն, կայ նաեւ մեկնաբանութիւն, որ իրաւարար վճիռը այս պարագային կը տեղադրուի Սեւրի համաձայնագիրի շրջագիծին մէջ. արդ, եթէ Սեւրը իրաւականօրէն չի վաւերացուիր եւ կը փոխարինուի Լոզանով, հետեւաբար իրաւարար վճիռը նաեւ չ՛ունենար գործադրելիութեան հանգամանք:

Սեւրն ու Լոզանը այս օրերուն անկախ հայկական գործօններէ ստացած են աշխարհաքաղաքական օրակարգի տարողութիւն: Էրտողանը, եթէ մէկ կողմէ կը բողոքէ Լոզանի դաշնագիրով փոքրամասնութիւններուն տրուած իրաւունքներուն դէմ, միւս կողմէ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը առիթը բաց չի ձգեր յիշեցնելու, որ եթէ Լոզանէն դժգոհ են Անգարայի վարիչները, ապա կրնան վերադառնալ Սեւրին:

Ըստ էութեան սակայն, Սեւրը Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող միջազգային որոշումն է: Եւ այս պարագային Սեւրն ու Ուիլսընի իրաւարար վճիռը պէտք է ընկալել իբրեւ մէկ ամբողջութիւն: Չմոռնանք, որ այս շրջանակներուն մէջ սահմանագծուած էր նաեւ Քիւրտիստանը, ինչ որ նաեւ հայկական դիտակէտէ կարեւոր է, այն առումով, որ կը սահմանազատէ Հայաստանն ու Քիւրտիստանը եւ այդպիսով լուծած կ՛ըլլայ նաեւ մեր պատմական տարածքներու պատկանելիութեան խնդիրը ո՛չ միայն յաչս Թուրքիոյ, այլ նաեւ յաչս քիւրտերուն:

Այս հանգամանքը կարեւոր է, որովհետեւ տարածք առ տարածք քիւրտերը, վայելելով միջազգային հովանաւորութիւն, փորձ կը կատարեն քարտէսագրելու ամբողջական Քիւրտիստանը: Քրտական գործօնը այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, վերածուած է աշխարհաքաղաքական գործօնի եւ տարածաշրջանին մէջ կը շարունակէ օգտագործուիլ իբրեւ խաղաթուղթ այս կամ այն գերտէրութեան քաղաքականութեան կիրարկման ընթացքին:

Սեւրի վերյիշեցումը այս օրերուն ամէնէն առաջ էրտողանական Թուրքիոյ մասնատման սպառնալիքն է. այս ուղերձները շատ արագ ընկալած են Անգարայի վարիչները, երբ ամէն առիթի կը խօսին Թուրքիոյ մասնատումը նպատակադրած ուժերու քաղաքականութեան վտանգներուն մասին: Այս վտանգներու ահազանգումը եթէ մէկ կողմէ կը բացայայտէ որոշ պետութիւններու ծրագիրները, միւս կողմէ էրտողանական համակարգին կողմէ կ՛օգտագործուի ընդդիմադիր տարրերը չէզոքացնելու համար:

Համապատկերը այն է, որ անկախ հայկական գործօնէն եւ անկախ մեր բարձրաձայնումներէն, Սեւրը թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ վերլուծական կեդրոններու կողմէ այժմէական երանգներ կը ստանայ այսօր: Եւ պատահական չէ, որ վերջին տասնամեակին հայկական կողմը թէ՛ պետական եւ թէ՛ հասարակական մակարդակներու վրայ Սեւրն ու Ուիլսընի վճիռը կ՛արծարծէ ամէն պատեհ առիթի: Պետական-հասարակական գնահատականի ամէնէն յատկանշական բանաձեւումը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով ընդունուած համահայկական հռչակագիրին բաժինն է Սեւրի եւ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին այժմէական իրաւաքաղաքական նշանակութիւնը ընդգծող:

Աշխարհաքաղաքական իրադրութիւնները այնպէս կրնան ընթանալ, որ Սեւրի քաղաքական տրամաբանութիւնը կրնայ վերատիրապետել միջազգային օրէնքին վրայ. Սեւր 2-ի հեռանկարը խիստ արդիական է այսօր միջազգային քաղաքագիտական տրամաբանութեան մէջ:

Հայկական Նորարարութեան Երախայրիք Մը` «Վոլթըրմեն Սմարթ Ուոլէթ». «Վոլթըրմեն»-ի Թիրախը. «Տիեզերքը` Ափի Մէջ»

0
0

ՍԻԼՎԻ ԳԱՅԵԱՆ

Անհերքելի իրողութիւն է, որ արդէն թեւակոխած ենք ճարտարարուեստական չորրորդ յեղափոխութեան փուլը: Երեւակայեցէք, որ 21-րդ դարուն մարդիկ տակաւին անասուններով ճամբորդեն, «աղաւնի»  սուրհանդակներով հաղորդակցին, ժամերով փայտէ ցպիկներ իրարու շփեն կրակ յառաջացնելու համար … ու շարքը կ՛երկարի:

Դարերու ընթացքին մարդկային կարիքի եւ ստեղծագործ երեւակայութեան յարաճուն խթանումով իրագործուած նորարարութիւնները տարրական փոփոխութիւններ մտցուցած են մարդկային ապրելակերպի կենցաղային պայմաններուն մէջ:

18-րդ դարը, սակայն, կու գար աւետելու ճարտարարուեստական առաջին յեղափոխութիւնը` թափ տալով շոգեքարշ սարքերու եւ հիւսուածեղէնի  մեծածաւալ արդիւնաբերութեան:

1870-1914 ժամանակաշրջանը իր ելեկտրուժի, հեռախօսի, լուսանկարչական եւ յարակից սարքերու նորարարութեամբ կը նշէր ճարտարարուեստական երկրորդ յեղափոխութիւնը:

Անցնող յիսնամեակին հաղորդակցութեան եւ յատկապէս համացանցային զարգացումներու նորարարութիւնները կը նշէին ճարտարարուեստական երրորդ յեղափոխութիւնը:

21-րդ դարաշրջանի սկզբնաւորութենէն ի վեր կ՛ապրինք ու կը վայելենք անզէն ու խաղաղ այս յեղափոխութեան չորրորդ փուլը, որ կը յատկանշուի իր սրընթաց արագութեամբ եւ վարակիչ գիւտերով:

Ընթացիկ այս յեղափոխութեան նորագոյն տարբերակներէն է` «Վոլթըրմեն սմարթ ուոլեթ»-ը («Վոլթըրմեն ուշիմ դրամապանակ») իր նորարարական աննախընթաց սարքաւորումով:

2014-ին մէկէ աւելի անգամներ կորսնցնելով իր դրամապանակը` Ազատ Թովմասեան կը ծրագրէ «լուծել» այս հարցը իրեն եւ իր նմաններուն համար: Արհեստագիտական մարզի հմուտ փորձագէտներէն մէկը ըլլալով` Ազատ թեւ ու թռիչք կու տայ իր ճարտարագիտական մտայղացքին եւ, խումբ մը փորձագէտներու եւ կամաւորներու ընկերակցութեամբ, կը յաջողի սարքաւորել ուշիմ դրամապանակ մը` օժտուած բազմապիսի իւրայատկութիւններով: Աւելի քան երկամսեայ խորհրդակցութիւններէ ետք դրամապանակը «կը մկրտուի» «Վոլթըրմեն» մակնիշով` փորձելով անոր տալ «սուփըրմեն»-ը յիշեցնող գերարդիական կարողութիւններով օժտուած սարքի մը գրաւչութիւնը: Գերմանական ծագում խորհրդանշող անունի ընտրութիւնը յաւելեալ խթան կը նկատուի ներգրաւելու  գլխաւորաբար ամերիկեան ու եւրոպական շուկաներու յաճախորդներու ուշադրութիւնը:

Գաղտնիք չէ, որ համաշխարհային արդիւնաբերութեան եւ աշխատանքի մարզերը «կը գործեն» արհեստագիտական նորարարութեանց կիրարկումով, որոնց առնչակից տեղեկութիւնները ձեռնտու են ափի մեծութեամբ բջիջայինի կոճակներու սեղմումով: Նմանապէս` նոյն հասցէով կարելի է հաղորդուիլ աշխարհը ողողող տեղեկատուական նորութիւններով: Այլ խօսքով, այսօր բջիջայինը իր համացանցային հաղորդակցութեան կարելիութիւններով դարձած է մարդկութեան այլազան հարցումներուն աղբիւրագիտական շտեմարանը, չըսելու համար` փարոսը:

Բջիջային այդ հեռաձայնի կազմածները, սակայն, ինքնաբաւ չեն եւ մնայուն կարիքն ունին համացանցի եւ զայն հայթայթող սարքերու, միջոցներու, զանոնք կենսաւորող  բարդերու  ուժականութիւնը լիցքաւորող (պաթըրի) գործիքներու, անթել կազմածներու: Իսկ ուսանողին, պաշտօնեային, տանտիկինին, առեւտրականին, մտաւորականին, մինչեւ իսկ սովորական անհատին անցագիրն ու յարակից փաստաթուղթերու եւ դրամատնային քարտերու մնայուն «ընկերակցութիւնը» նկատառելի «բեռ» մըն է, զոր կարելի չէ մէկտեղել գրպանի մը սահմաններուն մէջ: Տակաւին, բազմազբաղութեան ու աճապարանքի մէջ կորսուելու վտանգը նոյնքան մտահոգիչ հարց է զանոնք գործածողին ու կրողին համար:

Արհեստագիտական ճարտարագիտութեան «նինճա» որակուող Ազատ Թովմասեանի նախաձեռնած հայազգի սկսնակ կամ «սթարթ ափ» խմբակի եւ դրամարշաւի հանրածանօթ «Ինտիկոկօ» (Indiegogo) ընկերութեան կողմէ առաջադրուող «Վոլթըրմեն սմարթ ուոլեթ»-ը իր իւրայատուկ կազմուածքով կու գայ գոհացնելու ամէնէն նրբազգաց թէ խստապահանջ յաճախորդներու հետաքրքրութիւնը: Անոր ձեւաւորումն ու տեսքի զարդարանքը յանձն առած է մրցանակակիր «Պաքպոն Պրանտինկ սթուտիոն» (Backbone Branding ): Դէպի միջազգային շուկայ կամրջումի «առաքելութիւնը» վստահուած է ոչ կառավարական «Կլոպըլ.էյ.էմ.» (Global.am, NGO) ընկերութեան:

Արդարեւ, դրամապանակը օժտուած է իրեն ընկերացող բջիջային հեռաձայնին բարդերը լիցքաւորդող մնայուն սարքով` փաուըր պանքով (Power Bank) եւ համայն տիեզերքը «ծածկող» մնայուն համացանց ապահովող «ուայֆայ» (Wi-Fi Hotspot) սարքով, «ռոմինկ»-ի (roaming) տասը անգամ նուազ գինով: Աւելի՛ն. դրամապանակին թէ բջիջային հեռախօսի կորստեան կամ մոռացութեան պարագային «պլութութ»-ի զարթուցիչը (Bluetooth alarm system) կը զգուշացնէ` նշելով անոր գտնուած վայրը, որքան ալ հեռու թէ ծածուկ դիրքի մէջ ըլլայ անիկա, շնորհիւ «համաշխարհային դիրքաւորումի համակարգ»-ին կամ` «ճի.փի.էս.»-ին (GPS): Իսկ անոր մէջ զետեղուած լուսանկարչական գործիքը  կը նկարէ զայն իւրացնել փորձողին դէմքը: Արեւի, ջուրի թէ փճացման վտանգին տոկացող, ֆրանսական որակաւոր կաշիէ կազմուած, յիշողութեան քարտով օժտուած եւ քանի մը տարբեր չափերով ու ձեւերով զարդարուած դրամապանակ մը, որ բջիջայինի ընձեռած գործարքներու կամ «ափլիքէյշըն»-ի (application) միջոցով անհատը հաղորդակից կը դարձնէ համաշխարհային իրադարձութեանց: Այլ խօսքով, տիեզերքը «կը զետեղէ» մարդու ափի մէջ:

Գերարդիական նման կարելիութիւններով օժտուած դրամապանակ մը խիստ կենսական ու օգտակար կը նկատուի հայութեան եւ համայն մարդկութեան համար:

«Տիեզերքը` ափի մէջ» թիրախ ունեցող «Վոլթըրմեն սմարթ ուոլեթ»-ի նիւթական համաներդրումի թիրախը հսկայական գումար է: Ցարդ ապահովուած է գրեթէ 900 հազար տոլար եւ ունի աւեի քան 6150 զօրակցողներ: «Վոլթըրմեն սմարթ ուոլեթ»-ը ընթացիկ 2017 տարուան ընթացքին արժանացած է մրցանակի, Հայաստանի մէջ կայացած մրցոյթի մը առիթով:

Վստահաբար նշեալ այս առաւելութիւններու վայելքին մարմաջով հետաքրքիր ու յաչս աշխարհին` հայու եւ Հայաստանի վարկի բարձրացման նախանձախնդիր ոեւէ անհատ, ոեւէ հայ, պիտի փափաքէր ունենալ այս ուշիմ «Վոլթըրմեն սմարթ ուոլեթ»-էն օրինակ մը:  Եւ, ինչո՞ւ ոչ, յատկապէս որ անոր համաներդրումի դրամահաւաքին (crowdfunding) կազմակերպիչ ընկերութիւններու ճշդած ժամկէտը կ՛աւարտի քանի մը օրէն ու, առ այդ, 49 առ հարիւր համեմատութեամբ բացառիկ զեղչի առիթ կայ:

Գաղտնիք մը չէ, որ հայ ժողովուրդը աշխարհաքաղաքական աննպաստ պայմաններու բերումով չէ կրցած տիրական ազդեցութիւն ունենալ միջազգային հարթակի վրայ, յատկապէս` քաղաքական մարզին մէջ: Սակայն եթէ կարելի չէ միջազգային հարթակի «դահլիճէն» ներս մուտք գործել անոր «մայր դրան» ճամբով, ապա կան «լուսամուտներ», ուրկէ անպայման որ կարելի է հայու վարակիչ շունչը փոխանցել համայն մարդկութեան: Այդ լուսամուտներէն են օրինակ` մարզական, մշակութային, արուեստի, արհեստագիտական թէ յարակից այլ բնագաւառներ: Փաստօրէն, բրիտանական լրատուական «Պի.Պի.Սի.» հանրածանօթ կայանը, քանի մը տարի առաջ 25 վայրկեան տեւողութեամբ յատուկ յայտագիր մը տրամադրած էր հայութեան` հայազգի մարզիկի մը ճատրակի ախոյեանութեան դափնեկիր հանդիսանալուն առիթով, գովերգելով ու դրուատելով հայու ուշիմութեան յատկութիւնը: Նմանապէս` հայու չափազանց ունակութիւնն ու ուշիմութիւնը պատճառ դարձած են ոմանց հակահայ նախանձը գրգռելու: Այս մասին կը բաւէ վերյիշել «Լորենս աֆ Արապիա»-ի 1919-ին ունեցած մէկ հարցազրոյցը, ուր ան նշելով հանդերձ հայ ժողովուրդի բացարձակ ուշիմութիւնն ու իմաստութիւնը, անհրաժեշտ կը նկատէ հայերու բնաջնջումը` «կանխարգիլելու համար հայոց համայնատիրութիւնը տիեզերքի վրայ»…

Անկասկած որ հայրենի թէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը իր այլազան իրագործումներով եւ փայլուն մտայղացքներով պիտի շարունակէ զարմացնել համայն աշխարհը:

Այսօր «Վոլթըրմեն սմարթ ուոլեթ» այս «սթարթ-ափ»-ի հայորդիներուն զօրակցիլը ինքնի՛ն քար մը եւս, տուֆի՛ քար մը, զետեղել կը նշանակէ, հայու ուշիմութեան «բուրգին» վրայ` շարունակելով շշմեցնել միաժամանակ հայ ազգին վրայ հիացողներն ու նախանձողները…

«Հայազգի» այս նորարարութեան «Վոլթըրմեն սմարթ ուոլեթ» երախայրիքէն օրինակ մը գնելու կամ անոր զօրակցելու համար կարելի է դիմել  www.volterman.com  կայքին:

 

 

Տեսակէտ. Ընդդիմութիւն Մը` Ի Ծապլվար

0
0

ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Ամբողջատիրական համակարգերուն մէջ իշխանութեան հանդուրժողականութիւնը վայելող ընդդիմութեան հասկացողութիւնը ընդհանրապէս անհեթեթ է: Հոն կա՛մ ամբողջատիրութեան սահմանումը թերի է, կա՛մ ընդդիմութեան (ընդհանրապէս` ընդդիմութեան): Այդ երկուքին մէկտեղման փորձերը բութ մտքի արգասիքներ են, բայց յաճախ նաեւ` բութ մտքեր ներգրաւելու նպատակով կատարուած ճիգեր:

Վերջիններու հեղինակները ժամանակակից ամբողջատիրութիւններու ներկայացուցիչներն են, որոնք ողջ աշխարհին կ՛ուզեն ներկայանալ ո՛չ այնքան ճենկիզխանական իրենց հարազատ խառնուածքով, որքան` ժողովրդավար առաջնորդի մը համակրելի դիմագծութեամբ: Հետեւաբար կարծեցեալ ընդդիմութեան մը ձեւաւորումն ու ծանուցումը անհրաժեշտութիւն է հոն:

Իսկ որո՞նք կը կազմեն նման ընդդիմութեան մը շարքերը. ամբողջատիրական համակարգի ընդհանրական արժէքները կրող մարդիկ, որոնց ընդդիմադիր հայեացքները թէական են ու սակարկելի: Սովորաբար սոյն շրջանակը կը համալրուի ցնորամտութեամբ համակուած այնպիսի տիպարներով, որոնք իրենց յատուկ տրամաբանութեամբ համոզուած են, որ իրենք վսեմ առաքելութեան մը համր ռահվիրաներն են: Ասոնք քաղաքական կեանքի մէջ իրենց դերակատարութիւնը «իշխանութիւն-ընդդիմութիւն» դասական հոլովոյթէն աւելի բարձր կը սեպեն ու իրենց սոսկ ներկայութիւնը նուէր կը համարեն հանրութեան: Անոնցմէ քիչերը միայն, անկեղծութեան հազուադէպ պահերու, «ծապլվարական»  իրենց ընդդիմութիւնը կը վերագրեն սեփական անզօրութեան, տեղատւութեան` ընդդէմ ճնշիչ ու անհակակշռելի ուժին…

Ու թերեւս միայն այդ քիչերու պարագան կը մնայ քննարկման արժանի: Ընդունելի՞ ու ներելի՞ է անզօրութիւնը, երբ փոխան ցասման տարերքի` ան շողոքորթութիւն ու արժեզրկում կը ծնի, կեղեքման ու ճնշումի յաւելեալ ատաղձ կը հանդիսանայ, որով եւ կը վերածուի կրկնակի՛ վատութեան:

Երբեմն, երբ ուղեղը կը ծուլանայ պատասխանի մը բանաձեւումէն, յանկարծ երգի տող մը կը յայտնուի, բծախնդրօրէն կատարելու այդ աշխատանքը` «Եթէ մեզ Աստուած թեւեր չի ընծայել, նաեւ չի պարտադրել առնէտի պէս ապրել»…

 

Յանցագո՞րծ, Թէ՞ Մարդասէր

0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ֆրանսական դատարանը ֆրանսացի հողագործ Սետրիք Հիրոն 4 ամիս բանտարկութեան դատապարտած է «ապօրինի գաղթականներու Ֆրանսայի տարածք մուտք գործելու օգնելուն համար»: Վճիռը պիտի չգործադրուի. դատաւորը յայտնած է, թէ վճիռը զգուշացում մըն է միայն, «սակայն եթէ անգամ մը եւս դատապարտուիս, ապա արձակուած վճիռը պիտի գործադրուի»: Հիրօ մեկնաբանելով վճիռը ըսած է.«Պէտք է զիս բանտարկեն, ատիկա անոնց համար դիւրին լուծումն է: Նոյնիսկ բանտին մէջէն պիտի շարունակեմ պայքարիլ»` նշելով, որ վճիռը պիտի բողոքարկէ:

Հիրօ նոյն ամբաստանութեամբ 6-րդ անգամ ըլլալով կը դատապարտուի: Նախապէս ան ամբաստանուած է Էրիթրիայէն ապօրինաբար Ֆրանսա մուտք գործած շուրջ 50 գաղթականներ պատսպարելուն համար: Ան նախապէս ալ Իտալիոյ սահմանին մօտ գտնուող իր ագարակին մէջ հիւրընկալած է հարիւրաւոր գաղթականներ եւ անոնց օգնած հասնելու այլ քաղաքներ ու գիւղեր, որպէսզի այդտեղ ապաստանի դիմում ներկայացնեն:

Օրէ՞նք, թէ՞ կարեկցութիւն. ո՞րն է աւելի կարեւոր: Առանց պետութեան մը արտօնութեան անոր տարածք մուտք գործելը, ըստ օրէնքի, յանցանք է: Բնական է, որ պետութիւնները ազգային ապահովութեան, տնտեսական եւ օրէնքի իշխանութեան նկատառումներէն մղուած կ՛արգիլեն ապօրինի ներգաղթը: Պետութիւն մը իր օրէնքներու խախտումը չի կրնար արտօնել, այլապէս քաջալերած կ՛ըլլայ անօրէնութիւնն ու քաոսը եւ վտանգած երկրին քաղաքացիներն ու իր իշխանութիւնը: Այս առումով` օրենսդրութիւնը կարեւոր է, առաւել եւս այդ օրէնքներու յարգումն ու գործադրութիւնը: Վերջինս է քաղաքակիրթ երկիրի մը եւ քաղաքակիրթ ժողովուրդի մը արժէչափը:

Միւս կողմէ` Եւրոպա հասնելու համար ընտանիքին ու իր կեանքը վտանգող ապօրինի գաղթականը, ինչպէս իւրաքանչիւր մարդ արարած, արժանապատիւ կեանք մը ապրելու, այդ կեանքին ապահովման ձգտելու եւ ատոր հասնելու յոյսն ունենալու իրաւունքն ունի: Այդ գաթականները այդ յոյսը ունենալու համար է, որ կը վտանգեն եւ Միջերկրական ծովուն մէջ կը կորսնցնեն իրենց կեանքերը: Անոնք անյուսութեան ճիրաններէն փախուստ տալով կը թռչին դէպի յոյսի նշոյլը, դէպի բարօր կեանքի առասպելը, հեքիաթային Եւրոպայի կամ մահուան գիրկը:

Իսկ ո՞վ է վերոնշեալ ֆրասնացի հողագործը: Ապօրինի գաղթականներուն իր մօտ յայտնուելուն իրերայաջորդ եւ բնականաբար ոչ պատահական դէպքերը թերեւս ոմանց մղեն մտածելու, թէ ան պարզ «յանցագործ» մը չէ, այլ մարդոց մաքսանենգութեամբ զբաղող քրէական աշխարհին մէկ անդամը: Դատաւորին արձակած մեղ վճիռը ցոյց կու տայ, թէ իրողութիւնը այլ է: «Յանցագործ» հողագործին իր դէմ արձակուած դատավճիռին մեկնաբանութիւնն ու զայն բողոքարկելու վճռակամութիւնը խոր համոզումի մը արտայայտութիւնն է: Մաքսանենգները իրենց գործը թիւրացնելու եւ բեռը թեթեւցնելու համար պարզապէս կը շահագործեն անոր մարդասիրութիւնն ու կարեկցանքի զգացումները:

Ուրեմն ո՞վ է ան. յանցագո՞րծ մը, թէ՞ մարդասէր մը. յաչս օրէնքին յանցագործ մը, իսկ յաչս խղճին մարդասէր մը: Այդ է պատճառը, որ հակառակ նոյն յանցանքը բազմաթիւ անգամ գործած ըլլալուն, անոր դէմ արձակուած է «դիտողութեան» համազօր մեղմ վճիռ մը: Այլ խօսքով` գաղթականներուն նկատմամբ իր ցուցաբերած կարեկցանքին համար իր կարգին արժանացած է բարեխիղճ դատաւորի մը կարեկցանքին:

 

Քաղաքական Անդրադարձ. Քրտական Ազգայնականութեան Ծնունդը Եւ Հայկական Հարցի Գործօնը 1890-1914

0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

19-րդ դարասկիզբի քրտական  ազգայնականութիւնը ծնունդ առաւ իբրեւ արձագանգ հայկական ազգայնականութեան, որ ուղղուած էր Օսմանեան կայսրութեան եւ հետագային` թրքական ազգայնականութեան դէմ: Քրտական ազգայնականութեան հիմնական նպատակներէն էին քաղաքակիրթ դարձնել քիւրտ ժողովուրդը եւ Քիւրտիստանը, համագործակցիլ եւ դաշնակցիլ հայութեան հետ, խոչընդոտել Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան շրջաններուն մէջ հայկական պետութեան ստեղծումը եւ դէմ դնել թրքական ազգայնականութեան: Այս գաղափարները մշակուեցան Քրտական համերաշխութիւն եւ յառաջդիմութիւն կազմակերպութեան կողմէ, որուն մէջ Պետրխանները հսկայ դերակատարութիւն ունեցան: Այս յօդուածով կ՛ուզեմ անդրադառնալ քիւրտերուն եւ հայերուն միջեւ հիմնական հարցին, որ հողային հարցն էր, եւ անիկա բախումնային հիմնական կէտերէն մէկն էր, որ խոչընդոտեց երկու ազգերուն միջեւ համագործակցութիւնը, բան մը, որ մինչեւ հիմա կը շարունակուի:

Քրտական ազգայնականութեան ծնունդը

1878-ի Պերլինի վեհաժողովէն ետք Օսմանեան կայսրութեան մէջ ոչ իսլամներուն թիւը նուազեցաւ  իսլամներուն համեմատութեամբ, մանաւանդ երբ Պալքանեան շրջանները անջատուեցան օսմանեան լուծէն: Ըստ Քեմալ Քարփանի, Օսմանեան կայսրութիւնը կորսնցուց 4,5 միլիոն բնակիչ Պալքանեան երկիրներու անկախութեամբ: Նախքան 1878` կայսրութիւնը բաժնուած էր 50/50 քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ: Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. նոյն կացութեան առջեւ չգտնուելու համար կայսրութեան արեւելեան շրջաններուն մէջ որդեգրեց համաիսլամական գաղափարախօսութիւնը, այսպիսով ան գործակցեցաւ սիւննի քիւրտ աղաներու եւ ցեղապետներու հետ` ճզմելու համար «հայկական անջատողական ըմբոստութեան ոգին»:

Թանզիմաթի (1839) բարենորոգումները ա՛լ աւելի վատթարացուցին հայ-քրտական յարաբերութիւններուն վիճակը: 16-րդ դարէն ի վեր քիւրտ իշխանները կը վարէին որոշ չափով անկախ իշխանութիւններ Արեւմտահայաստանի մէջ եւ լաւ յարաբերութիւններ մշակած էին հայերուն հետ, Թանզիմաթի օրով քիւրտ իշխանները կորսնցուցին իրենց անկախութիւնը եւ փոխարինուեցան կրօնական շէյխերով ու ցեղապետներով, որոնք յաճախ թալանի կ՛ենթարկէին հայկական գիւղերը, կը գրաւէին հայերուն հողատարածքները եւ անօրինական կրկնակի տուրքեր կը հաւաքէին հայ գիւղացիէն: Այս ժամանակաշրջանին Օսմանեան կայսրութիւնը մուտք գործեց դրամատիրական յարաբերութիւններու դարաշրջան, եւ որովհետեւ կորսնցուցած էր Եւրոպայի մէջ գտնուող իր տարածքներուն մեծամասնութիւնը, թուրք գաղթականներու հոսքով հողին արժէքը բարձրացաւ: Ասիկա ստիպեց, որ քիւրտ թափառական ցեղերը հաստատուին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ. այս ռազմավարութիւնը որդեգրուած էր նաեւ օսմանեան պետութեան կողմէ, որպէսզի հայանպաստ ժողովրդագրական պատկերը փոխէ ի նպաստ մահմետականներուն: Հակառակ անոր որ հայ գիւղացիները Պոլսոյ պատրիարքարանին միջոցով աղմուկ բարձրացուցին այս միտումին դէմ, սակայն միշտ ալ պատասխանը կու գար սուրով:

Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. 1891-ին հիմնեց Համիտիէ զօրագունդերը, որոնց անդամներուն մեծ մասը կը բաղկանար քիւրտ զինեալներէ: Համիտիէ զօրագունդերուն նպատակները հետեւեալներն էին.

– Հիմնել կեդրոնական իշխանութիւն եւ «կայունութիւն հաստատել» Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան շրջաններուն մէջ,

– Արգիլել հայկական պետութեան ստեղծումը եւ հարուածել որեւէ շարժում, որ կը հակադրուի Օսմանեան կայսրութեան շահերուն,

– Հիմնել նոր ռազմական եւ քաղաքական հաւասարակշռութիւն մը` իսլամներուն եւ ոչ իսլամներուն միջեւ,

– Պաշտպանել կայսրութեան արեւելեան շրջանները ռուսական յարձակումներէ եւ անգլիական քաղաքականութենէն,

– Տարածել համաիսլամական գաղափարախօսութիւնը:

Քրտական ցեղախումբերուն համար այդ ժամանակաշրջանին ներքին թշնամիներն էին` հայերը, ասորիները, եզիտիները եւ գզլպաշները: Այս թշնամութիւնը ներշնչուած էր կրօնական մոլեռանդութեամբ, ուր ոչ իսլամ սիւննի տարրը կը ներկայացուէր իբրեւ անհաւատ կամ ստրուկ: Սուլթան Համիտի համար քիւրտերը, իբրեւ սիւննի իսլամ, բնական դաշնակիցներ էին, որովհետեւ այդ ժամանակաշրջանին քիւրտերուն համար կրօնական ինքնութիւնը գերադաս էր ազգային ինքնութենէն: Աւելի՛ն. 19-րդ դարուն քրտական հասարակութեան մէջ տակաւին չէր հասունցած ազգի եւ ազգայնականութեան հասկացողութիւնը: Երբ սուլթանը օգտագործէր քիւրտերը հայերուն դէմ, միշտ ալ կը զգուշացնէր քիւրտերը, որ հայկական ապստամբութիւնը ուղղուած էր անոնց դէմ, անիկա նպատակ ունի հայկական պետութիւն հիմնել եւ դուրս քշել քիւրտերը այդ տարածքներէն: Այս գաղափարը կամ «հայկական պետութեան ստեղծման ուրուական»-ը քրտական մտայնութեան եւ գրականութեան մէջ բաւական տարածում գտած էր: Հաճի Քատիր Քոյէ իր մէկ բանաստեղծութեան մէջ կ՛ըսէ հետեւեալը. «Հարիւր անգամ երդում կ՛ընեմ Քուրանին վրայ, որ երբ Հայաստան մը հիմնուի, ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայուի մաքրագործելու քիւրտերը այս երկրէն»: Այս բանաստեղծութեան տողերը կրնան արտացոլացնել այդ ժամանակաշրջանին քրտական ազգայնականութեան ծնունդի սլաքը, ազգայնականութիւն մը, որ ուղղուած էր հայկական ազգայնականութեան դէմ:

Քիւրտ մտաւորականութեան դիրքորոշումը հայկական հարցին գծով

Քրտական առաջին թերթը հիմնուեցաւ 1898-ին, Գահիրէի մէջ, «Քիւրտիստան» անունով, որուն գլխաւոր խմբագիրն էր Միքտաթ Միտհատ Պետրխան: Թերթը կը բովանդակէր որոշ յառաջդիմական նիւթեր, ուր յօդուածներու միջոցով քիւրտ մտաւորականները կը քննադատեն քիւրտ ցեղապետներու վերաբերմունքը հայերուն նկատմամբ, սակայն միշտ կը պաշտպանէին Օսմանեան կայսրութեան տարածքային ամբողջականութիւնը եւ զայն կ՛ընդունէին իբրեւ սրբութիւն:

Թերթէն լոյս տեսած է 31 թիւ, որոնցմէ 14 թիւերուն մէջ յօդուածներու շարք մը տրամադրուած է Հայկական հարցին եւ հայ-քրտական յարաբերութիւններուն:

Նոյեմբեր 1898-ին Ապտուլրահման Պետրխան կ՛արձագանգէ հայկական ջարդերուն` գրելով «Պատերազմի իրավիճակ կայ հայերուն եւ քիւրտերուն միջեւ, գիտեմ, որ քիւրտերը ջարդեցին անմեղ հայեր եւ անոնք մեղաւոր են, Աստուած ասիկա չ՛ընդունիր, քիւրտերը ըրին ասիկա, որովհետեւ անգիտակից են, եւ հայ սպաննելը նման է իսլամ սպաննելուն»: Հոս կարեւոր է կեդրոնանալ «պատերազմ» բառին վրայ, բան մը, որ այդ ժամանակ Օսմանեան կայսրութիւնը այդպէս կը նկատէր` ըսելով, որ իր արեւելեան սահմաններուն մէջ խռովութիւններ կը պատահին հայերուն եւ քիւրտերուն միջեւ, բայց իրականութեան մէջ հայ ժողովուրդը ազգային-ազատագրական պայքար կը մղէր Օսմանեան կայսրութեան եւ ոչ թէ քիւրտերուն դէմ, եւ ասիկա յստակօրէն բացայայտուած է ՀՅ Դաշնակցութեան անդրանիկ մանիֆեստին մէջ եւ աւելի կանուխ` հնչակեաններուն կողմէ, որոնք բազմիցս կոչ ուղղած են քիւրտերուն` միասնական ճակատ բանալու եւ դասակարգային պայքար մղելու յանուն «ժողովուրդներու եղբայրութեան»` ընդդէմ օսմանեան վարչակարգին: Ապտուլրահման Պետրխան իր յօդուածին միջոցով քիւրտերուն կը փորձէ հասկցնել, որ հայերու ապստամբութիւնը ուղղուած է սուլթանին անարդարութեան դէմ եւ ոչ թէ` քիւրտ ժողովուրդին դէմ, ապա կը զգուշացնէ զանոնք, որ եթէ շարունակեն հայերուն դէմ ջարդերը, ապա արեւմտեան երկիրները եւ Ռուսիան պիտի միջամտեն ի նպաստ հայերուն եւ ստեղծեն Հայաստան մը` Քիւրտիստանի մէջ: Պետրխան եւ Ապտուլլա Ճեւտետ այս հարցին նաեւ անդրադարձան յօդուածաշարքերով, որոնք քրտերէնով լոյս տեսան ՀՅ Դաշնակցութեան օրկան «Դրօշակ»-ին մէջ, ուր անոնք կոչ կ՛ուղղէին քիւրտերուն` դադրեցնելու հայերուն դէմ ոճիրներ գործելը եւ չդառնալու սուլթանին գործիքը, այլ` միասնաբար պայքարելու օսմանեան եւ ռուսական կայսերապաշտութիւններուն դէմ: Իսկ Հուսէյն Շուքրի «Ռոժի Քիւրտ» քրտական թերթին մէջ կը գրէ, որ 1890-ականներուն քիւրտերուն կողմէ գրաւուած հայկական հողերուն մասին խօսիլը այլեւս աւելորդ է, «հայերը գաղթեցին Կովկաս եւ հիմա քիւրտերը այդ հողերուն տէրերն են»:

Եզրափակում… Ինչո՞ւ ձախողեցաւ հայ-քրտական համագործակցութիւնը

Քրիստափոր Միքայէլեան անդրադարձած է հայ-քրտական յարաբերութեան: Ըստ Միքայէլեանի, «որպէսզի քիւրտերը հեռու մնան անկախութեան ձգտումէն, կառավարութիւնը կ՛աշխատի զանոնք զբաղեցնել ուրիշ խնդիրներով: Ան կը դրդէ քիւրտերը հայերուն, ասորիներուն եւ եզիտիներուն դէմ… հետեւաբար պէտք է չէզոքացնել քիւրտերուն մէջ կրօնական ազդեցութիւնը»: Ք. Միքայէլեան կ՛եզրափակէ իր խօսքը` եզիտիներու ժողովրդական բանաստեղծութեամբ. «Բորենին խնայում է կեանքը եւ միայն դիակներ է հանում գերեզմանից, իսկ փաշան երիտասարդների արիւնն է խմում… անիծուի հզօրը, որ գութ չունի»: Սակայն որո՞նք են քիւրտերուն համար այդ «գութ չունեցող հզօրները»` թուրքե՞րը, ռուսե՞րը, թէ՞ հայերը: Ք. Միքայէլեան կը շարունակէ. «Մենք չունինք այլ միջոց, քան` մեր սեփական ուժերը հարստացնելէ եւ կենդանի օրինակներով ապացուցելէ, որ մենք ընդունակ ենք պաշտպանելու մեր եւ շատ անգամ նաեւ մեր հարեւաններուն շահերը: Կ’ունենա՞նք այդ ուժը, կ՛ունենանք ե՛ւ քիւրտ դաշնակիցներ: Հակառակ պարագային, հայերը քիւրտերուն համար կը մնան թալանի առարկայ, քան զինակիցներ` ընդհանուր թշնամիին դէմ»: Ք. Միքայէլեան կոչը յստակ էր. քիւրտը կը յարգէ հայը միայն այն ատեն, երբ ան իր  ուժը ցոյց տայ, եւ Խանասորի արշաւանքը կ՛ապացուցէ այդ իրողութիւնը:

Հետագային Դաշնակցութեան եւ Երիտասարդ թուրքերու մերձեցումը դարձեալ նեղ կացութեան  մատնեց քիւրտերը, անոնք դուրս մնացին ներքին քաղաքական հարցերէն, իսկ 1914-ին Արեւմտեան Հայաստանի բարենորոգումի ծրագիրով քիւրտերը զգացին, որ կորսնցուցած են իրենց քաղաքական ուժը, եւ այս բոլորը կը պատահէին իրենց շահերուն հաշուոյն: Ասիկա հիմնական պատճառներէն մէկն էր, որ Ցեղասպանութեան ժամանակ անոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին շրջանը պարպելու հայկական եւ ասորական բնակչութենէն. ամէնէն սոսկալի կոտորածները տեղի ունեցան այդ շրջաններուն մէջ: Հակառակ անոր որ Կարօ Սասունի կը նշէ, որ քիւրտ ցեղապետ շէյխ Մեհմետ Սիտիք եւ Մալխաս (իբրեւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ) քննարկած են Հայաստանի եւ Քիւրտիստանի սահմաններուն հարցը նախքան Համաշխարհային Ա. պատերազմը, սակայն լուծումի չեն յանգած: Քրտական կողմը պահանջած է, որ  Վանէն մինչեւ Մուսուլ Քիւրտիստանի մաս կազմէ, իսկ Սեբաստիան եւ Էրզրումը` Հայաստանի:

Այդ ժամանակաշրջանին շատ արդիւնաւէտ պիտի ըլլար երկու ժողովուրդներուն համար, եթէ գետնին վրայ համագործակցութիւն գոյութիւն ունենար: Եթէ հայ եւ քիւրտ ղեկավարութիւնները դաշինքի մէջ մտնէին, շատ հաւանական պիտի ըլլար, որ արեւմտահայութիւնը փրկուէր, եւ Թուրքիա այսօր կորսնցնէր արեւելեան շրջանները. Քիւրտիստան մը պիտի հիմնուէր եւ ներկայ Հայաստանին ալ պիտի կցուէին Օսմանեան կայսրութեան հայկական նահանգները, նոյնիսկ եթէ առաջադրուած տարբերակը պիտի չհամապատասխանէր հայկական երազներուն: Երկու գործօններ խոչընդոտեցին հայ-քրտական յարաբերութեան զարգացման:

Նախ` հայկական գործօնը. հոս պէտք է յանդգնութիւնը ունենանք վերաքննարկելու մեր պատմութիւնը եւ հայկական կուսակցութիւններուն դերը այդ ժամանակ: Այնպէս կը թուի, որ օտարին,  մասնաւորաբար ռուսին եւ Արեւմուտքին նկատմամբ մեր կոյր վստահութիւնը իրապաշտութեան սահմաններէն անդին էր: Նոյնիսկ երբ հայկական շրջանակներուն մէջ հայկական պատուիրակութիւնները կը քննարկէին բարենորոգումներու ծրագիրը եւրոպական մայրաքաղաքներուն մէջ, երբեք չէին անդրադառնար քրտական տարրին: Նոյնն էր նաեւ պարագան, երբ Հայոց ազգային պատուիրակութիւնը Փարիզի վեհաժողովին պահանջեց «ծովէ ծով» Հայաստանի ստեղծումը (անշուշտ նոյնն ալ կը վերաբերի Հայաստանի կառավարութեան պատուիրակութեան` Սեւրի պայմանագիրի ժամանակաշրջանին), որուն բնակչութեան մէջ գերակշռող դեր կը խաղար քիւրտ ժողովուրդը: Արդեօք ի՞նչն էր պատճառը, որ հայ ղեկավարութիւնը կ՛անտեսէր քրտական գործօնը: Հաւանաբար պէտք է խոստովանիլ, որ հայկական կուսակցութիւնները այդ ժամանակաշրջանին ձախողեցան իրենց կողմը քաշել քիւրտերը, որովհետեւ մոլորուած էին ազգայնական ռոմանթիզմով, նոյնիսկ եթէ ընկերվարութեան անուան տակ կոչեր կ՛ուղղէին իրենց «քիւրտ եղբայրներուն»: Սակայն արդեօք քիւրտերը պատրա՞ստ էին այդ կոչերուն ենթարկուելու եւ մէկդի դնելու իրենց կրօնական մոլեռանդութիւնը:

Քրտական կողմէն նոյնպէս սխալներ կային. նախ` քիւրտ ժողովուրդին մօտ ազգային գիտակցութիւնը բաւարար չափով չէր զարգացած, եւ մտաւորականութիւնը գետնի վրայ ոչ մէկ ազդեցութիւն ունէր: Աւելի՛ն. քիւրտ մտաւորականութիւնը հաստատուած էր իր հայրենիքէն դուրս, իսկ հայ մտաւորականութիւնը գրեթէ կը գործէր կայսրութեան սահմաններուն մէջ եւ բաւական ազդեցութիւն ունէր հասարակութեան վրայ: Քիւրտերուն համար անընդունելի բան մըն էր Հայաստանի մը ստեղծումը իրենց «հայրենիքին» մէջ, եւ այդ պատճառով դարձան օսմանեան պետութեան գործիքը` վերջ դնելու համար Հայկական հարցին: Քրտական դիտանկիւնէն մեկնած` հայերը եւ այլ ժողովուրդներ միշտ ալ ապրած են այդ տարածքին վրայ, սակայն այդ տարածքը քիւրտերուն համար Քիւրտիստան է: Այս մասին նաեւ իր «ՔԱԿ (Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւն) եւ Քրտական հարցը 21-րդ դարուն» խորագրեալ գիրքին մէջ Ապտուլլա Օճալանը անդրադարձած է` նշելով, որ հազարամեակներ շարունակ հայերը, ասորիները եւ քիւրտերը խաղաղօրէն ապրած են «Քիւրտիստան»-ի մէջ, սակայն ան հայկական եւ ասորական ազգայնականութիւնները անուանած էր «դրամատիրական եւ պուրժուայական»: Անշուշտ ասիկա պատմական խեղաթիւրում է, որովհետեւ «Քիւրտիստան» բառը մէջտեղ եկաւ միայն 12-րդ դարուն, երբ սելճուքները Արեւմտահայաստանի հարաւային շրջանը անուանեցին «Քիւրտիստան», որ կը նշանակէ «քիւրտերու կողմէ բնակուած» կամ «քիւրտերու հայրենիք»: Վերջապէս, այդ ժամանակաշրջանին կրօնական գործօնը կարեւոր դեր կը խաղար քրտական կեանքին մէջ եւ բազմաթիւ քիւրտեր իրենք զիրենք կը նկատէին մահմետական կամ օսմանցի, եւ պարագան նոյնը չէր հայերուն համար:

Պատմութիւնը մեզի շատ բան ունի սորվեցնելիք: Երբ կ՛ակնարկենք Թուրքիոյ մէջ Հայկական հարցին, կարելի չէ անտեսել նաեւ քրտական գործօնը. նոյնը պէտք է ըլլայ նաեւ քիւրտերուն համար: Հայկական եւ քրտական հարցերը կարելի չէ իրարմէ անջատել, երբ հողային պահանջ կը դրուի: Երկու ազգերն ալ իրարու կարիքը ունին` զարգացնելու համար իրենց քաղաքական հեռանկարները: Այսօր քիւրտն է, որ մեր հողերուն վրայ ազգային-ազատագրական պայքար կը մղէ, մինչ մենք դիտորդի կամ ծափահարելու դերը կը խաղանք, բայց նաեւ կ՛ափսոսանք, որովհետեւ դար մը առաջ մենք էինք զէնք բարձրացնողները… իսկ իրենց աղաները սուլթանին շքանշաններով եւ հայ գիւղացիի արիւնով կը մոլորուէին: Պատմութիւնը փաստեց, որ եթէ հայ-քրտական յարաբերութիւնը այնպէս մը մշակուէր, որ դաշինքի վերածուէր, այսօր Թուրքիոյ մէջ Հայկական հարցը որոշ չափով լուծուած կ՛ըլլար: Իսկ ժամանակը փաստեց, որ անցեալին «ազատագրական պայքարին դէմ կռուողը» այսօր ինք ազատագրական պայքար կը մղէ, սակայն մօտ 40 տարի է ի վեր տակաւին քրտական հարցը իր զինեալ, քաղաքական եւ ընկերային պայքարի բնոյթով ոչ մէկ լուծման հասած է: Եւ պիտի չհասնի, այնքան ատեն որ հայ-քրտական յարաբերութիւնները ռազմավարական քաղաքական դաշինքի մը չեն վերածուած:

Yeghia.tash@gmail.com

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցի Ծրագիրի 2017 Տարուան Համառօտ Տեղեկատուութիւն

0
0

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը սփիւռքի սիրտը նկատուող Լիբանանի մէջ կայք հաստատելէ ետք, բազմաբնոյթ եւ բազմաճիւղ ծրագիրներով իր անուրանալի դրոշմը ձգեց եւ տակաւին կը շարունակէ հասնիլ հայ ժողովուրդի կարիքներուն` հաւատարիմ մնալով Միհրան եւ Զապէլ Գարակէօզեան ամոլի կտակին: Առողջապահական, ընկերային, կրթական, դաստիարակչական, հոգեբանական ու մանկավարժական մշակուած բծախնդիր ծրագիրները առանցքը կը կազմեն «Գարակէօզեան» հաստատութեան առաքելութեան:

Ամառնային Դպրոցի Բացում

2006 թուականին ազդանշանը տրուեցաւ «Գարակէօզեան» ամառնային դպրոցի ծրագիրին, երբ խումբ մը ընկերային ծառայողներ անդրադարձան հայ մանուկներու ամառնային ծրագիրներու պակասին եւ մշակեցին ամառնային դպրոցի ծրագիրը` նուիրելով մանուկներուն ուրախ եւ ապահով ժամանցի պահեր: Արդարեւ, տասնմէկերորդ տարին ըլլալով` 2017 տարուան ամառնային դպրոցի բացումը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 27 յունիս 2017-ին: Դպրոցին մասնակցեցան աւելի քան 280 մանուկներ եւ պատանիներ: Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը եւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան խնամակալ մարմինը:

Ա.- Ծրագիրի Տեւողութիւն Եւ Նիւթեր

Ամառնային դպրոցի ծրագիրը տեւեց եօթը շաբաթ, 27 յունիսէն մինչեւ 10 օգոստոս 2017: Այս եօթը շաբաթներու ընթացքին 30 կամաւոր ուսուցիչներ մշակեցին մանկավարժական եւ խնամուած ծրագիրներ ու հարցաթերթիկներ, որոնք աշակերտներուն տրամադրուեցան հինգ օրերու դրութեամբ` երկուշաբթիէն մինչեւ ուրբաթ դասաւորուած ժամանակացոյցով: Այդ պատրաստուած նիւթերն են`

ա.- Լեզուներ` հայերէն, արաբերէն, անգլերէն,
բ.- Թուաբանութիւն, կրօն,
գ.- Սննդականոն, մաքրութիւն-առողջապահութիւն, կենցաղավարութիւն, խոհարարական գիտելիքներ,
դ.- Երաժշտութիւն, պար, մարզանք, ձեռային աշխատանք:

Բ.- Մասնայատուկ Ծրագիր

Այս տարուան ամառնային դպրոցի ծրագիրին մէջ նորութիւն էին հոգեբանական-ընկերային հարցեր արծարծող դասապահերը` շաբաթական 2 ժամ տեւողութեամբ: Այս ծրագիրին ընթացքին աշակերտները զանազան խաղերու միջոցով սորվեցան բարոյական դասեր, առօրեայ կենցաղավարութեան ճիշդ ձեւեր եւ ապագայ կեանքի նպատակակէտեր:

Ասոր զուգահեռ, աշակերտներուն ծնողները բաժնուեցան վեց խումբերու: «Գարակէօզեան» հաստատութեան ընկերային ծառայողները եւ հոգեբանները դասախօսութիւններ կարդացին աշակերտներուն այս նոր նիւթերուն մասին:

Գ.- Առօրեայ Գործնական Աշխատանքներ

Հարցաթերթիկներու կողքին, աշակերտները կարգ մը նիւթեր, ինչպէս` սննդականոն, խոհարարական, կրօն եւ այլն լաւապէս ամրապնդելու նպատակով գործնական աշխատանքի պահեր ունեցան:

Նշենք, որ սննդականոնի նիւթերը քանի մը դասապահերով ներկայացուցին Էն.Տի.Եու. համալսարանի բուժօգնութեան բաժանմունքի ուսանողները, իսկ կրօնագիտութեան պահերը հետաքրքրական ձեւով ներկայացուցին Միացեալ Նահանգներէն «Նիւ հայց» Ս. Գրային դպրոցի ուսանողներու եւ Պէյրութէն «Կրեն տը պլէ» խմբակները:

Դ.- Յատուկ Այցելութիւն

Իրենց այցելութիւններով «Գարակէօզեան» ամառնային դպրոցի աշակերտները խանդավառեցին ու գօտեպնդեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին:

Ե.- Ներքին Ձեռնարկներ

Մեր հայկական աւանդութիւնները վառ պահելու նպատակով յատուկ կերպով նշուեցաւ Վարդավառի տօնը, իսկ աշակերտներուն երաժշտական, թատերական, պարարուեստի, գծագրութեան թաքուն ձիրքերը բացայայտելու համար յատուկ տաղանդներու օր կազմակերպուեցաւ, եւ իւրաքանչիւր մրցանակակիր աշակերտ պարգեւատրուեցաւ:

Զ.- Արտադասարանային Այցելութիւններ

Պուրճ Համուտի մէջ գործող եւ հայապահպանման օրրան հանդիսացող մեր կառոյցներուն` «Ազդակ» օրաթերթին, «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին եւ գրատարածին առաքելութեան եւ հսկայածաւալ աշխատանքին մօտէն ծանօթանալու համար «Գարակէօզեան» ամառնային դպրոցի չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ կարգերու աշակերտները այցելութիւն մը տուին վերոնշեալ կառոյցներուն:

Չորրորդ դասարանի աշակերտները մասնակցեցան Լիբանանի ընկերային հարցերու նախարարութեան կազմակերպած քերմես-դաստիարակիչ խաղեր ծրագիրին: Աւարտին աշակերտները նուէրներ ստացան ընկերային հարցերու նախարարութեան կողմէ տրամադրուած:

Է.- Արտադասարանային Պտոյտներ

Եօթը շաբաթներու վրայ երկարող ամառնային դպրոցի ծրագիրը յատկանշուեցաւ շաբաթական դրութեամբ արտադասարանային  պտոյտներով` Լիբանանի տեսարժան վայրեր, դաստիարակչական խաղավայր-զբօսավայրեր հետեւեալ կարգով.

ա.- «Արնաուն վիլէյճ»` բնութեան մէջ խաղեր,
բ.- «Փարք տը սավուար` ծանօթացում ագարակի եւ ընտանի անասուններու, հողագործական գործիքներու եւ բանջարեղէններու ցանքին ու   աճումին,
գ.- «Ըսուինկզ» բնութեան մէջ արկածախնդրական խաղեր,
դ.- «Քիծ մոնտօ»` գործնական աշխատանոց յատուկ մանուկներու, որ զանազան արհեստներու ճամբով սորվեցան ինչպէս դրամ շահիլ,
ե.- «Սփորց զոն»` ջրային խաղեր,
զ.- Շարժապատկեր «Լը մոլ» մանկապատանեկան նոր ժապաւէնի ցուցադրութիւն,
է.- «Քիծ ծիլա»` մանկապարտէզի աշակերտներու յատուկ ջրային խաղեր,
ը.- Այնճար, նախակրթարանի աշակերտներու յատուկ` լեռ մագլցիլ, ռելի փէյփըր:

Լիայոյս ենք, որ հաստատութեան կարողութեան սահմաններուն մէջ, բարերարներու օժանդակութեամբ եւ պատասխանատուներուն ու ուսուցիչներուն զոհողութեամբ, տքնաջան աշխատանքով «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը հայ աշակերտներուն ամրան արձակուրդը իմաստաւորեց դաստիարակիչ ծրագիրով եւ ուրախ ժամանցով:

Գրողի Անկիւն. Արձակուրդը Եւ Արձակուրդս

0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ամառ է: Որոշեցինք «արձակուրդ»-ի երթալ: Խորքին մէջ ինծի համար արձակուրդ ըսուածը փախուստ մըն է առօրեայէն: Վերանորոգուելու արդար փորձ մը: Այսինքն` օրերդ տարբեր ձեւով ընդունելու եւ ապրելու գաղտնիքով ակնկալութիւն մը:

Ու էրիկ-կնիկ նախընտրեցինք Եւրոպան, եւ յատկապէս անոր ծայրագոյնը` Իրլանտան եւ Իրլանտական Հանրապետութիւնը: Մի՛ հարցնէք` ինչո՞ւ:

Այսպէս, սկսելով հարաւէն` մայրաքաղաք Տապլինէն, ամբողջ երկու շաբաթ, փոխադրական մեծ եւ շատ հանգստաւէտ կառքով մը, եւ ընկերակցութեամբ արհեստավարժ «կայտ»-առաջնորդի մը, աշխարհի զանազան կողմերէն եկող մօտ յիսուն հոգիով միասնաբար «պիտի այցելէինք» այս երկու երկիրներուն գլխաւոր  քաղաքները, գիւղերն ու տեսարժան վայրերը, հասնելու համար հիւսիս` պատմական Պելֆասթ քաղաքը:

Ու վերջին մտովի, ծածուկ եւ սակայն տաք աղօթք մը ընելով` ճամբայ ինկանք:

Եւրոպա ըսի, պէտք էր, որ աւելցնէի նաեւ, թէ ան ինծի համար ամբողջ աշխարհի պատմութիւնն ալ էր: Պատմական հսկայ թանգարան մը, որուն համար ամէն օր մեզի տրամադրուած «կայտը», հնութիւններու տակէն կորսուած կամ պահուըտած կեանքերուն «շունչ» կու տար ու հոն կուտակուած բոլոր դէմքերն ու դէպքերը դուրս կը բերէր եւ զանոնք կը փռէր մեր յիշողութեան առջեւ, գեղեցիկ կրկներգի մը նման:

Անոր համար էր, որ յուսահատ կողոպուտ մը կար բոլորիս աչքերուն մէջ ու կը փորձէինք ագահօրէն ոչ միայն յուշեր հաւաքել, այլ նաեւ ամփոփել մեծ ընդարձակութիւնը այս երկիրներուն` անոնց լայնատարած կանաչութեան հետ միասին:

Հաստատ գիտէի, որ երկիր մը ճանչնալու համար պէտք էր քալել անոր հին ու նոր քաղաքներու փողոցներու մայթերէն ու պատերու եզերքներէն: Ու քալեցինք: Քալեցինք երկար, յաճախ` շնչասպառ, քրտինքով, տեսնելու համար արշալոյսի գոյներով զարդարուած անցեալը:

Իմ կարգիս նաեւ փորձեցի մօտենալ անցեալին: Արեւելքը այսպէս չէր, կը բաղդատէի մտովի: Հոս տարբեր էր: Հոս ամէն բանի մէջ Աստուած կար: Գոյն, լոյս, գիծ եւ խորհուրդ: Նոյնիսկ կեանքի յաւիտենականութեան հոլովոյթը կար մարդոց երակներուն մէջ: Թէեւ պատմութիւնը հոս ալ գրուած էր կրակով ու թուրով, ատելութեամբ, դաւադրութեամբ եւ յաղթանակով, սակայն անիկա մեծ հպարտութեամբ կը յայտնաբերուէր: Միւս կողմէ` դարերէ ի վեր եկեղեցին արդէն ամուր մը նստած էր իւրաքանչիւր դէմքի, կոթողի եւ փլատակի սրտին վրայ: Ագահօրէն կը հետեւէի հրամցուած թուականներուն, մեծ ու փոքր դէպքերուն, դէմքերուն, հերոսներու արձաններուն ու շիրիմներուն եւ մշակոյթի թելադրանքին ու մտովի բաղդատականը կ՛ընէի «մերիններուն» հետ: Հոս ալ մարդոց դէմքերուն վրայ խմիչքի ծանր, սակայն կարմիր բոցերը բացայայտ էին: Կախարդական աշխարհ եւ նոյնքան ալ` նախանձելի:

Որովհետեւ ամէն օր նոր քաղաք կամ գիւղ, մթին քարեր կամ քանդակներ, տաք ու խանդավառ շունչով մեր դիմաց կը բանային նոր դռներ, նոր թուականներ, նոր պատկերներ: Ու ինչ մեղքս պահեմ, պատմութիւնը իսկապէս խածած էր սիրտս, ուղեղս, եւ ժամերս լեցուցած` նորութիւններով: Սակայն միտքս միշտ անհանգիստ էր: Սանկ, տեսակ մը անախորժ եւ սիրտ ճմլող անհանգստութիւն, որ յաճախ տրամադրութիւնդ կը քանդէ: Անօրինակ վիճակ:

Բայց… միաժամանակ…

«Իրլանտաներ,- կ՛ըսէի մտովի,- ինծի համար դուք օրինակելի երկիրներ էք, որովհետեւ միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներու երեսին ամէն օր ճակատաբաց կը պոռաք ձեր հպարտութեան լռութեամբ»:

Չեմ գիտեր` նախաբանս ինչո՞ւ այսքան երկարեցի, որովհետեւ նախ պարտաւոր էի յիշեցնել, որ մեր շրջապտոյտի առաջին օրն իսկ, եւ յատկապէս երբ խումբով մէկտեղուած էինք «բարի գալուստի» ընթրիքի սեղաններու շուրջ ու, ըստ սովորութեան, իւրաքանչիւրս պատրաստ` ինքզինք ծանօթացնելու «արարողութեան» (անուն-երկիր), յանկարծ մօտս նստող թեքսասցի տարիքոտ Ճիմին, շապիկիս գրպանէն հեռաձանիս տեսանելի հայկական եռագոյնով ծածկուած պատեանէն մեկնելով, մեծ գիւտ ընողի մը յաւակնութեամբ, ոտքի ելլելով, բացականչեց.-«Վենեզուելլայէն է, եւ ոչ թէ «Էլ.-էյ.»-էն է, նայեցէք իր «ֆոնին»:

Ու սրահը երկար խնդաց:

Ահա ճիշդ այդ վայրկեանէն սկսեալ եւ ամբողջ պտոյտի ընթացքին, իւրաքանչիւր մեր խմբական հաւաքներուն, նախաճաշ եւ կամ հանգիստի պահերու մեր սեղանակիցներուն, իբրեւ խօսակցութեան նիւթ, անպաշտօն, սկսած էր տեսակ մը «Հայ դատ»-ի մեր պարտականութիւն-աշխատանքը:

Հայ, հայութիւն, Հայաստան, Արմենիա եւ ո՛չ թէ Ալպանիա կամ Ռումանիա, Ղարաբաղ, ազերի վայրագութիւն, հայրենիք, Արարատ, բռնագրաւուած պապենական հողեր, հայոց պատմութիւն, հայ մշակոյթ, ե՛ւ եղեռն, ե՛ւ ազատ ու անկախ երկիր, աւելի՛ն, առաջին քրիստոնեայ երկիր, այս բոլորը կաթիլ առ կաթիլ սկսած էինք թափել աշխարհի չորս կողմերէն մէկտեղուած մեր փոխադրակառքի յաճախորդներուն տափակ,  եւ անտաշ ուղեղներուն եւ հետաքրքիր հարցումներուն դիմաց:

Ինքնածին ու նոյնքան ալ պատրաստակամ դասատուներ դարձած էինք` երկուքով: Եւ այսպէս, ամէն օր, այս անծանօթ հեռաւորութեան մէջ, տեղ- տեղ մեր ապրումները կիսելով, մեր միտքերը, մեր պատմական անցեալի թելադրանքով հիւսուած զգացումներով ապրեցուցինք:

Կը խօսէինք իմաստալի հեւքով, մեր բանակի հերոսութեան, ազատութեան եւ հին աստուածներու մասին: Զարմանքն ու հիացմունքը թակած էին բոլորին միտքերը: Կը զգայինք, որ մեր լեզուին վրայ հին երգ մը արդէն սկսած էր անձայն քալել: Մեր աստուածներն ու պատմութիւնը եկած ու միացած էին մեր հերոսներուն հետ:

Իմ կարգիս, հայրենիքս եւ հայութիւնս, հաստատապէս Հայաստանս, թէեւ մնացած էր ենթագիտակցութեանս մէջ վիպային, սակայն անոնց կարօտը խանգարած էր զիս: Յստակ էր, որ երկիրս հետս բերած էի: Ան ներկայ էր: Մօտս էր: Հետս կ՛ապրէր ու կը շնչէր` քրտինքոտ ճակատովս ու բառերովս միատեղ: Անընդհատ կը պարզէի, կը բացատրէի, թէ մեր Հայաստանն ալ պատմական է: Հոն ալ կառոյցի պատերուն վրայ դարերը կը խօսին գեղեցիկ կրկներգի նման: Հոն ալ տեսանելի է, թէ որքան խոր է պատմութիւնը: Գացէ՛ք, տեսէ՛ք: Վայելեցէ՛ք եւ ձեր աչքերով հաստատեցէ՛ք:

Այսպէս, կը զգայի, որ այս ընթացքովս ներկայէն քալած էի անմիջական վաղը` յոյսով եւ հաւատքով: Դուրսէն տեսնողին համար անձնապէս նոր մարդու թափ մը ունէի կարծէք, որուն մէջ ներկայ է հայ մարդուն` իր ազգին ու հայրենիքին հանդէպ ունեցած բոլոր գլխաւոր ձգտումները:

Ու հաստատօրէն աշխարհի տարածքին հայու մեր կեանքը ամէն տեղ եւ ներքնապէս կը հիւծէր մեր մարմինը: Այս մէկուն վկաներէն մէկն էի դարձած:

Իսկապէս, որ մենք, ազգովին բարդ ժողովուրդ ենք եղած եւ ենք մինչեւ հիմա, որովհետեւ ամէն ինչ, ամէն տեղ եւ ամէն բան ուզած ենք հայացնել:

Տեսակ մը` «հայամոլ» անունով հիւանդութեամբ տառապող մարդիկ:  Ու այս մէկը մեր արեան հոսքին հետ է: Մի՛շտ ներկայ:

Ու վերջապէս…

Չէի գիտեր` արդեօ՞ք իրապէս այս արձակուրդին մենք էրիկ-կնիկ զբօսաշրջիկ էինք, թէ ոչ` անկոչ հայ «կայտ»-եր: Պատասխան չունէի եւ չունիմ տակաւին:

Միայն այն գիտեմ, որ լաւ «բան» մը, սրբազան պարտականութիւն մը կատարողի անհուն գոհունակութեամբ, շրջապտոյտէն ետք տուն վերադարձած էինք:

Ու հաւատացէ՛ք, անձնապէս շատ  երջանիկ էի:

 

 


Տիգրանակերտէն Աղթամար

0
0

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Բռնագրաւուած Հայաստանի շրջապտոյտներուն` «Վերադարձ դէպի արմատներ» շարքին, գուցէ վեցերորդ-եօթներորդն էր, որուն կը մասնակցէինք մեծ աղջիկս` Ռիթան ու ես: Ի դէպ, մեր խումբը բաղկացած էր մեծ մասամբ երիտասարդներէ, թէեւ մենք` տարեցներս, մենք մեզի համար կ՛ըսէինք` «սրտով երիտասարդներ»: Խումբին մէջ կային տասնեակ մը քեսապցիներ, որոնցմէ քանի մը հոգին ամերիկաբնակներ ու քանատաբնակներ էին:

Նախապէս յօդուածով մը նկարագրած եմ, որ մեր շրջապտոյտը` ուխտագնացութիւնը, սկսաւ Քիլիսի սահմանային մաքսակէտէն` անցնելով Ուրֆայէն, Կարմուճէն դէպի Տիգրանակերտ:

Մայրամուտէն առաջ Տիգրանակերտէն «արշաւեցինք» դէպի Տարօնի աշխարհ ու Ախլաթ` Դատուան, ուր պիտի գիշերէինք:

Նիւթական նկատառումներէ մեկնած (հաւանաբար), գուցէ նաեւ Տիգրանակերտի մէջ գիշերելու եւ կեցութեան անյարմարութիւններու պատճառով, իրիկունը ուղղուեցանք դէպի հիւսիս-արեւելք:

Պասը հմուտ վարորդ Ապու Ճալալի տիրապետող ընթացքով կը սուրար Տիգրանակերտի բարեբեր դաշտին մէջէն:

Քաղաքէն ելքին դաշտերը անծայրածիր, մշակուած եւ, հակառակ աշուն ըլլալուն, կանաչապատ էին, գուցէ եւ` ջրարփի: Այնտեղ, իրենց քիթն ու բերանը լաչակով կամ ինչ-որ լաթի կտորով ծածկած, մինչեւ կրունկը երկար հագուստներ հագած կիներ, մէջքերնին կքած` կ՛աշխատէին. տաքդեղի` պղպեղի բերքահաւաքի ժամանակն էր, Տիգրիսի ափերուն:

Սակայն, հազիւ հեռացած Տիգրիսի աւազանէն, այդ բարեբեր դաշտերը անապատային գոյն կը ստանային: Ժայռակոյտեր, քարակոյտեր կը խանգարէին տափարակութիւնը այդ հսկայ դաշտերուն, որոնք անմշակ եւ խոպան մնացած էին: Կը մտածեմ ակամայ, որ եթէ այդ աշխարհէն հայութիւնը բրտօրէն տեղահանուած չըլլար, այդ դաշտերը, դարուս ճարտարագիտութեան բարիքներու օգնութեամբ (մեքենայացած գիւղատնտեսութեան միջոցներ…), հաւանաբար մշակուելով, դրախտային շապիկ հագած պիտի ըլլային:

Ու կը շարունակեմ խորհրդածել, որ ուշ կամ կանուխ, Թուրքիոյ այսօրուան վարչապետը այս անսահման դաշտերը պիտի ծախէ կամ նուիրէ արեւմտեան պետութեան մը (ինչպէս ծախեց Վոսփորի կամուրջը)` փրկելու համար երկրին տնտեսութիւնը: Վաղը, միւս օր…

Դաշտային բաժինին կը միանան մեղմ բարձունքներ, մայրամուտին հետ: Ալ չեմ տեսներ բնութիւնը, այլ կը զգամ: Գուցէ Բալուի, Ճապաղջուրի կողմերն ենք: Ու կը զգամ, որ մուտք կը գործենք Տարօնի աշխարհի հարաւային կողմը: Չկրցայ ստուգել, թէ Պիթլիսի` Բաղէշի դաշտո՞վ անցանք: Կը փնտռեմ Ռահվայի հովիտը, ուր Գալշօ Մանուկը (Ռուբէնի սիրելի ֆետային) դարանակալ կը սպասէր ժայռի մը ետին, ոստիկան մը, «թահսիլտար» մը (հարկահաւաք) սպաննելու կամ անոր ձիուն մէկ երակը պատռելով` արիւն խմելու, իր ծարաւը յագեցնելու համար:

Արդէն տարբեր աշխարհ մը մտած ենք: Լայնատարած դաշտերը փոխարինուած են լեռներով, ձորերով ու կիրճերով:

Կանգ կ՛առնենք սրճարանի մը առջեւ:

Գլուխը կախ ուռենիներով շրջապատուած սրճարանին մօտով կ՛անցնի գլգլան վտակ մը: Անվերջ կը գլգլայ:

Չեմ գիտեր, թէ օդի  զովութի՞ւնն էր, թէ՞ սթափած այն գաղափարէն, որ արդէն կը գտնուինք բուն Հայաստանի հողերուն վրայ, այդ գիշերային զովութիւնը կը հասնի մեր ոսկորներուն:

Արեւելեան (ոչ թէ թրքական) տաք սուրճն ու շոգեշատ թէյն իսկ չեն կրնար տաքցնել ու անցընել մեր ներքին դողը:

Տարօնի հերոսներու հողերուն վրայ կանգնած ենք:

Քիչ ետք մարդատարը կը սուրայ դէպի վեր` հիւսիս: Կէս գիշերին արդէն Դատուանի պանդոկն ենք:

Անոր դիմաց բարձրացած է պետական շէնք մը, որուն չորս անկիւններուն ու մուտքի աւազի տոպրակներով բարձրացած թումբերուն մէջէն պատուհանի նման բացուածքէն նայուածքներով մեզի կը զննեն խոժոռ դէմքով զինուորներ` հրացանը ձեռին, սուինը անոր վրայ ամրացուած:

Պանդոկ, իսկ դիմացը… զօրանոց:

Թրքական հրապոյր: «Պույուրունս» (հրամմեցէք):

Հազիւ թէ անոնց մօտենանք, բարձրաձայն` «եասակ» (արգիլուած է) կը բացագանչեն:

Այնքան յոգնած ենք, որ ոչ միայն անոնց (զինուորներուն), այլ նոյնիսկ մեր հոգիներու ալեկոծումին կարեւորութիւն չենք ընծայեր եւ ճերմակ ու փափուկ անկողիններուն մէջ նետուելով` մեր երազներու ծովին կը յանձնուինք:

Առաւօտուն, իբրեւ գիւղաբնակ, արեւածագին արդէն ինքզինքս նետած եմ Դատուանի լայն փողոցներուն մէջ:

Հիւրանոցի պատուհանէն երբ տեսայ Վանայ ծովը, իր փայլփլող` արեւծագի ալեաց շողով, աչքերուս չհաւատալով, փողոց նետուեցայ` ափը փնտռելով:

Երազ չէ՛: Մենք Տարօն-Տուրուբերանի եւ Վասպուրականի օղակը հանդիսացող Ախլաթի Դատուանի մէջ ենք:

Մտքով, հոգիով կը փնտռեմ մեր յեղափոխական պատմութեան խոնարհ հերոսներէն` Ռուբէն փաշայի փրկիչ ու վստահելի` Դատուանի Դանիէլը, Դելեմաքը:

Ո՞ւր էր անոր տունը:

Ան տարիներ շարունակ եղած է ամուր ու լուռ կապը Տարօնի եւ Վասպուրականի աշխարհներուն: Հսկիչը` սուրհանդակային գործին:

Հայոց ցեղասպանութեան ատեն ի՞նչ եղաւ անոր ճակատագիրը:

Մտքով ետ կ՛երթամ` փնտռելու Նեմրութ սարը, Ջրհոր գիւղը, ֆետայի Սողոն եւ անոր (ու ամէն ֆետայիներուն) մայրիկը:

Կը փնտռեմ խմբապետ Երկաթը (Արմենակ Լեւոնեան). այդ ամերիկահայ հանճարը շատ լաւ ըմբռնած ու գնահատած էր Ախլաթի օղակող, միացնող դերը: Ախլաթը Տարօնի եւ Վասպուրականի կամուրջն էր: Ան նահատակուեցաւ Սոսկումի այրին մէջ, երբ 1904-ին, ՀՅԴ 3-րդ Ընդհանուր ժողովէն մեկնած` կը փութար Սասուն, օգնելու Վահանին, Հրայրին եւ անոնց ընկերներուն, որոնք կը ղեկավարէին Սասնոյ երկրորդ ապստամբութիւնը:

Դատուանի կիսաբաց շուկայէն անցնելով, նախաճաշի համար կը վերադառնամ պանդոկ` ալեկոծ հոգիով:

Յուսաբեկուած եմ: «Իմ Դատուանս», Դանիէլի Դատուանը չեմ գտած: Գտած եմ գիւղատնտեսական դիմագիծով, նոր քրտական Դատուան մը` հայկական անունով:

Վերստին կը նստինք Ապու Ճալալին պասը: Մեր թիրախը Աղթամարն ու Վանն են, Վասպուրականը:

Ուրարտուն ու Տուշպան (Վան-Տոսպը):

***

Ոլոր-մոլոր, կածաններու նման ճամբաներով, Վանայ լիճի ափերուն քսքրտուելով` կը սահինք դէպի արեւելք:

Կը մոռնամ, որ պասի մէջ եմ: Աչքերս լիճի ափերուն սեւեռած` կը փնտռեմ Սորբի կապանը: Սուրբ գիւղէն անցա՞նք: Ե՞րբ: Ո՞ւր է այդ վայրը, ուր Ռուբէն օսմանեան զօրքին ձեռքը գերի չիյնալու համար, անոր կողքով անցնելով, կախուեցաւ ժայռերէն, լիճի ջուրերուն մէջ, մինչ զօրքը իր մօտով անցնելով` զայն չտեսաւ:

Ան Վասպուրականէն Տարօն` «Կիտան-կելմազ» (գացողը չի վերադառնար) կ՛երթար` օգնելու Գէորգ Չաւուշին:

Գլխուս մէջ իրարու կ՛անցնին Ռուբէնը, իրեն հետ եղող կարճկանցի գիւղացիները, Սորբը, Կապանը, օսմանեան զօրքը, Նեմրութ սարը, Ջրհոր գիւղը, Սողոյին մայրիկը…

Կը սթափիմ յանկարծ:

Ցուցատախտակ մը` «Նարեկ»:

Այո՛, Նարեկ գիւղ:

Մայրուղիէն քիչ մը ներս: Քիչ մը վեր, դէպի հարաւ, լիճին հակառակ կողմը:

Այդ սքանչելի վայրը, ուր ծնած է սրբացած Գրիգոր Նարեկացին, խոտի եւ աթարի մէջ կորսուած, 7-8 տնանոց գիւղի նման վայր մըն է: Միջնադարու մէջ կորսուած վայր մը:

Նարեկ, խոտի ու թրիքի մէջ կորած, եւ ոչ թէ` Նարեկացի Գրիգորի աղօթքներու:

Եթէ Ցեղասպանութիւնը չըլլար, Նարեկը, աթարի բոյրին փոխարէն, խունկ ու աղօթք պիտի բուրէր:

Չենք տնտնար հոն: Մեր Նարեկը Նարեկացիին աղօթքներուն մէջ է: Այս մէկը «ուրիշ է», նոյն անունով:

Կ՛աճապարենք դէպի Աղթամար:

Կը հասնինք դուրսի Աղթամար:

Ան մեզ չի հետաքրքրեր: Քանի մը տուն, ճաշարան մը, ծովափին` նաւամատոյց մը եւ հոն յուշանուէրներ ծախող կրպակ մը:

Հասնելուս պէս այդտեղ, տաբատս կը ծալեմ, ոտքերս կը թաթխեմ Վանայ ծովու ջուրերուն մէջ, ձեռքերս, գլուխս կը լուամ:

Եթէ քահանայ մը մեզի հետ ըլլար, պիտի խնդրէի անկէ, որ Վանայ ծովու ջուրերով զիս մկրտէ որպէս իսկական հայ:

Նաւամատոյցին տակաւին նաւերը չեն խարսխած: Մինչեւ անոնք հասնին (2 շոգենաւ, միջին չափի), կը լուացուինք, կը նկարուինք: Անհատական, զոյգ, բազմանձ նկարներ եւ խմբանկարներ:

Կը հասնի նաւը: Շուտով կը լեցուինք մէջը: Կը սուրանք դէպի կղզի:

Ժամ չի տեւեր, կը հասնինք ու կը թռչինք կածաններով դէպի վեր` Ս. Խաչ եկեղեցին:

Հրա՛շք եկեղեցին: Ճարտարապետական գոհարը, Վանայ լիճի մարգրիտը:

Հրաշքանման է մեր այցելութիւնը: Վերադարձ` արմատներ:

Զմայլած, սքանչացած` կը դիտենք, դուրսը, ներսը: Կան օտար զբօսաշրջիկներ:

Տեղեակ ենք, որ մէկ-երկու ամիս առաջ Պոլսոյ պատրիարքութիւնը յաջողեցաւ խաչ մը զետեղել համանուն եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ, անոր անկումէն 95 տարիներ ետք:

Ու քրիստոնեայի մեր ոգին կը պոռթկայ:

Կ՛աղօթենք, միաբերան, «Տէրունական աղօթք»-ը`

«Հայր Մեր, որ յերկինս ես…»:

95 տարիներ հոն լռած էին աստուածաբոյր շարականները, «Հաւատամքը», «Խաղաղութիւն Ամենեցուն», «Խորհուրդ խորինը», «Տէր ողորմեա»-ն…

Ոստիկան մը, որ քայլ առ քայլ մեզի կը հետեւէր` իբր թէ մեր (45 հոգիին) ապահովութեան հսկելու, յանկարծ բորբոքեցաւ, փորձեց արգիլել աղօթքը: Խօսեցաւ մեծաւորին հետ…

– Ես ձեր լեզուն շատ կը սիրեմ (սատանաները զանոնք կը սիրեն, ԿՄ), բայց ասիկա թանգարան է, հոս տարին միայն մէկ անգամ թոյլատրուած է աղօթել…

Գիտէք` այս պահուս Պահչելին (թուրք ազգայնամոլ կուսակցութեան մը պետը) իր ընկերներով Անիի մայր տաճարին մէջ «ֆեթիհի նամազ» կ՛ընէ (աղօթք, որով թուրքը եկեղեցին մզկիթի կրնայ վերածել… եղեր): Եւ այսպէս… պլա-պլա-պլա…

Թրքական անքաղաքավար քաղաքականութիւն:

Մեր կատարածը հերոսութիւն չէր, սակայն եթէ ամբողջ օսմանեան սուլթաններու փաղանգը գերեզմաններէն դուրս գային, պիտի չյաջողէին կասեցնել մեր մէկ դարու լռութեան պոռթկումը: Ազգային պոռթկում, քրիստոնէական պոռթկում…

Խաղաղած, աղօթած` դուրս եկանք:

Դարձեալ` նկարներ, խմբանկարներ…

Այդ պահուն ականատես եւ իրազեկ եղանք թրքական մէկ այլ ճարպիկութեան: Ուրկի՞ց բուսաւ, չեմ գիտեր, որպէս թէ` Էրզրումի մէջ լոյս տեսնող, օրուան իշխանութեան (Էրտողանի) ընդդիմադիր թերթի մը թղթակիցը:

Արտաքինով շատ լաւ թղթակիցի վիճակ ու տեսք չունէր: Անմիջապէս յիշեցի Արմէն Գարոյի` «Ապրուած օրեր» գիրքին մէջի «Կրետացի նաւավար»-ը պատմուածքին հրեայ լրտեսը:

Մեր պատասխանատուները գիտէին թրքական նշանաւոր առածը` «Օսմանցին նապաստակը սայլով կ՛որսայ»: Ժպիտով պատասխանեցին ոստիկան-լրտես թղթակիցին, շունշանորդին կարծես գիտէր, որ մենք կղզիին եկեղեցին մտնելով` պիտի աղօթենք, ոստիկանը պիտի արգիլէ… ժամադրուած էր մեզի հետ (կարծե՞ս թէ…):

Կղզիին չորս կողմերը ման գալէ եւ շարժապատկերի մը ժապաւէնը կազմելու չափ նկարուելէ ետք, վերստին նաւ բարձրացանք` երթալու համար… Արտեր կղզին:

Հայաստանի աշխարհագրութեան թէ հայոց պատմութեան դասերուն ընդմէջէն գիտենք Վանայ երեք կղզիներուն անունները` Աղթամար, Լիմ եւ Կտուց: Այս Արտերը ուրկէ՞ բուսաւ:

Կղզին փոքրիկ, սէգ բլուր մըն է` ծովակին արեւմտեան կողմը տեղաւորուած: Ճայերու բնակավայր: Իսկ գագաթին ճգնարան-մատուռ մը` Ս. Գէորգ (գուցէ կը շփոթեմ), գմբէթը կիսափուլ:

Սակայն այս հրաշք կղզեակը կարծես նկարչական մեքենայի այն ոսպնեակն է, ուրկէ միայն կրնաս դիտել Վասպուրական աշխարհի գեղեցկութիւնը:

Անոր վրայէն դէպի հիւսիս հայեացքով հեռուն կ՛երեւի լայնանիստ Սիփանը, իսկ հարաւային կողմի համատեսական համայնապատկերը` այնքան սքանչելի, որուն կեդրոնը, ճիշդ մօտդ, դիմացդ բարձրացած է Արտօ լեռը: Լեռը, աշնան չորցած խոտի առատութեամբ, ոսկեգոյն շապիկ հագած է, որ ձմրան (կ՛երեւակայեմ) կը ստանայ ճերմակ գոյն, իսկ գարնան ու ամրան` կանաչ ու դեղնաւոյն (երբ խոտերը գօսանան) գոյներ ու երանգներ:

Հոս է, որ բարձրաձայն կ՛աղաղակէ բնութիւնը` «Ես երկիր դրախտավայրն եմ, Հայաստանն եմ»:

Վստահաբար այս համայնապատկերին նման ու զայն գերազանցող չնաշխարհիկ անկիւններով լի է մեր բռնագրաւուած թէ անկախացած հայրենիքը: Սակայն այդ յանկարծակի գեղեցկութիւնը կը զգլխէ հոգիս:

Հետս նոյնքան արբեցած` հօրաքրոջս որդի Մինաս Ղազարեանը, Քանատայէն, հարց կու տայ. «Կերպօ (Կարոյին քեսապերէն «թարգմանութիւնը»), դուն ասոր նման գեղեցիկ բնութիւն տեսա՞ծ ես, կը կարծե՞ս, որ այս գեղեցիկ եւ հարուստ աշխարհը թուրքը մեզի կը վերադարձնէ…»:

Մեր հայեացքները կղզեակին թողած` կը վերադառնանք նաւ ու դուրսի Աղթամար, ուր մեզ կը սպասէր համեստ ճաշարանը, Վանի տառեխ ձուկով, կողքին` կորկոտ-պըլղուրով կարմիր փիլաւը… թրքական օղիով:

Օղի խմելու կարիքը չունէինք, մեր աչքերուն ու հոգիներուն ըմպածը արդէն արբեցուցած էր մեզ:

Վերստին` պաս ու սրարշաւ դէպի Վան:

Մայրամուտ է: Անշուշտ որ Նեմրութի ետին թեքող արեւը իր ոսկեայ ճառագայթները կը յղէ Վանայ ծովակի ալեծփող բիւրեղեայ երեսին:

Խաւարը իջած` կանգ կ՛առնենք վառելանիւթի մը կայարանը:

Ցուցատախտակը կը յայտարարէ` «Էրտեմետ»` Արտամետ: Պատմական Արտամետ, իր հիւթեղ ու համեղ խնձորով. Ռուբէն Տէր Մինասեան կ՛ըսէ` «Թէկուզ` մէջը որդ ինկած»: Իսկ նուաստս, որպէս քեսապցի, գիւղաբնակ, խնձոր մշակող պարտիզպան, Արտամետէն տարբեր հոտ եւ համ կ՛ուզեմ ստանալ: Ափսոս, ուշ է ու թանձր խաւար:

Մինչ մեր պասը կը լիցքաւորուէր վառելանիւթով, մեզի կը մօտենայ երիտասարդ մը: Քիւրտ է: Հարց ու փորձ կ՛ընէ:

Իմ գիտցած խեղճուկ թրքերէնովս կը բացատրեմ, որ սուրիացի ենք, հայեր ենք, կ՛երթանք Վան…

Ես ալ կը պրպտեմ:

Կ՛ըսէ, որ իր մեծ մայրը հայ էր: Կ՛աւելցնէ. «Դուք հիմա կ՛երթաք Վան, վաղը լոյս աչքով կը պտտիք: Ուշադի՛ր եղէք, այն տունը, որուն առջեւը պարտէզ, ծառ կանաչութիւն տեսնէք, լաւ գիտցէք, որ հոն ապրողներուն նախնիներէն մէկը հայ է» ու կ՛աւելցնէ. «Մերոնք «հայվաններու» նման են, կանաչութեան, ծառ-ծառաստանի յարգը չեն գիտեր»: (Ափսո՜ս,  չգիտցայ այդ մերոնքը կ՛երթար թուրքերո՞ւն, թէ՞ քիւրտերուն, գուցէ երկուքին):

Ի՞նչ էր այդ կէս քիւրտ ու քառորդ հայուն անունը: Ո՞վ հարցուց: Ո՞վ առաւ անոր հեռախօսի թիւը:

Կը փութանք Վան: Վան-Տոսպ-Տուշպա: Հոն մեզ կը սպասեն ուրարտացի հայերուն ոգիները: Անոնք կը փնտռեն մեզ եւ ուրուականներու նման կը շրջին բռնագրաւուած քաղաքին վրայ: Ես կը զգամ, հոգիովս կը զգամ անոնց փսփսուքը: Իմ ու ընկերներուս արիւնը անոնց արիւնէն է:

Կէս գիշերին մուտք կը գործենք Վան: Պասը կանգ կ՛առնէ հրապարակ մը: Մենք նեղլիկ փողոցներով, քարերով սալապատուած, «կը սողանք» դէպի պանդոկ:

– «Ուրարտու» հիւրանոց:

Մեր շրջապտոյտի «թեքնիք-առաջնորդ»-ը` Վարդան Սարամազեանը (որ զբօսաշրջութեան մասնագէտը, հմուտ կազմակերպիչ է) արդեօք դիտմա՞մբ ընտրած էր այս պանդոկը:

Կէս գիշերը անց է: Ի վիճակի չեմ այլեւս «փիլիսոփայելու», թէ Վարդանը «ինչո՞ւ կամ ինչպէ՞ս…»:

Կը թաղուիմ ուրարտական անկողինիս մէջ:

Քունս կը փախչի գլուխէս…

Նեմրութ-Սիփան, Դատուան, Վան, Նարեկ, Աղթամար Սորբի կապան, Ֆետայի Սողօ, Սողոյի մայրիկ, Դանիէլ, Դելեմաք, Նարեկացի, Ռուբէն փաշա… բոլորը կը տողանցեն երազներուս եւ ենթագիտակցութեանս մէջ:

Հոնկէ միայն կը վրիպէին Կոմսը` Վահան Փափազեան, Իշխան, Գէորգ Չաւուշ, Անդրանիկ… եւ Վեհիպ փաշա` Աղթամարի նշանաւոր կռուին հերոսները: Գուցէ գլխուս մէջ տեղ չէր մնացած:

Հապա՞ եթէ յիշէի Ասորեստանի եւ Ուրարտուի կռիւները…

Մէկ օրուան մէջ` 4000 տարուան պատմութիւն, եւ աշխարհի արարչութենէն սկսեալ` Հայաստան աշխարհի աշխարհագրութիւն:

Արեւածագին հազիւ քուն կը մտնեմ:

Վան քաղաքը պիտի զննենք ման գալով:

(Մնացեալը յաջորդիւ… եթէ հաճելի թուի ընթերցողին):

***

Յ. Գ. Նախապէս յօդուածով մը յիշած եմ, որ այս շրջապտոյտներու շարքը կազմակերպած էր Սուրիոյ երիտասարդական միութեան Երիտասարդական գրասենեակը, որոնց գլխաւոր կազմակերպիչը հանգուցեալ ընկեր բժիշկ Զարեհ Մալճեանն էր, եւ որուն մահուան առաջին տարելիցը յունիսի կիսուն լրացաւ: Գրութիւնս անոր որպէս խունկ ու մոմ նուիրելով` լաւ պիտի ըլլար, որ այդ օրերուն լոյս տեսնէր:

Բայց լաւ է ուշ, քան երբեք:

Քեսապ, 29 յուլիս 2017

 

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Հայկական Սրբավայրերու Եւ Կոթողներու Հանդէպ Թրքաբարոյ Եւ Իրանեան Հակապատկեր Կեցուածքներ

0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Ազգերու եւ ժողովուրդներու կեանքին մէջ հիմնական ու անվիճելի իրաւունքները յաճախ կը յափշտակուին աւելի զօրաւոր եւ մեծապետական նկրտումներ ունեցողներու կողմէ: Իսկ ուրիշներ ալ, վերի մտքին լրիւ հակառակ, կը գուրգուրան եւ զանազան տեսակի հոգատարութիւն կը ցուցաբերեն իրենց կամ այլ ազգի ամէն տեսակի արժէքներու:

Օրեր առաջ «Իրանն Այսօր»-էն տեղեկացանք, որ Իրանի Մշակութային ժառանգութեան, արհեստներու եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան փոխղեկավար Մոհամետ Հասան Թալեպեան ըսած է. «Անհրաժեշտ է պահպանել պատմական եկեղեցիներուն տեսքը, եւ այդ իսկ պատճառով Մշակութային ժառանգութեան կազմակերպութիւնը կը փորձէ հասարակութեան ուշադրութիւնը անոնց վրայ կեդրոնացնել` կրօնական արարողութիւններ կազմակերպելով ու վերանորոգման նախագիծներ իրականացնելով»:

Պաշտօնատարը այս յայտարարութիւնը կատարած է Ս. Թադէի վանք այցելութեան ընթացքին: Այնուհետեւ, Թեհրանի կառավարութիւնը 370.000 տոլար յատկացուցած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած հայկական եկեղեցիները վերանորոգելու ջանքերուն:

Արդարեւ, յաճախ խօսած ենք թրքացեղ ժողովուրդի գազանաբարոյ կեցուածքներուն մասին` հանդէպ բոլոր ժողովուրդներուն,  բնականաբար` ներառեալ յատկապէս հայ ազգի:

Թուրքիոյ եւ ազերի պետութիւններու քաղաքականութիւնը 1920-էն ասդին որդեգրած յետցեղասպանական ռազմավարութիւնը նոյնացած է, որուն հիմքը անտէր ձգուած հայկական մշակութային կոթողներուն եւ հետքերուն ի սպառ ջնջումն է:

Այսօր Արեւմտեան Հայաստանը, Կիլիկիոյ շրջանը, հայկական Նախիջեւանը, բռնագրաւուած Կիպրոսի հողատարածքին վրայ գտնուող հայկական սրբավայրեր, յուշակոթողներ ու այլ միջազգային մշակութային կեդրոններ ենթարկուած են նոյն ճակատագրին:

Թուրքիա տակաւին այսքանով չէ բաւարարուած. Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին իր հովանաւորութիւնը վայելող ահաբեկչական խմբաւորումներու ձեռքով 21 սեպտեմբեր 2014-ի կէսօրին պայթեցնել տուած էր Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին:

Թուրքերն ու ազերիներ ոչ միայն կ՛աւերեն ու կ՛ոչնչացնեն հայկական կոթողները Արեւմտահայաստանի եւ Նախիջեւանի տարածքին, այլեւ կ՛ուզեն հայրենի բնօրրանին վրայ թրքացեղ հայրենիք կերտել, իսկ միւս կողմէ` նախիջեւանեան ազգ դառնալ: Օսմանեան Թանզիմաթի (բարեկարգումներու, 1839 – 1876) հեղինակներէն Ալի փաշային վերագրուող հետագայ խօսքի մէջբերումը էական է եւ կը լուսաւորէ վերոնշեալ աւերումի, քանդումի անցեալի ու նոյնիսկ ժամանակակից դէպքերը. «Այս պետութեան ազգ մը պէտք է»: Այսինքն թրքացեղ ազերիները ազգ դառնալու համար թէ՛ հողի պէտք ունին եւ թէ՛ մշակոյթի. ուստի ազգ ըլլալու երկու կենսական բաղադրիչները անոնք իւրացուցած են այլ ազգերէ, յատկապէս` հայ ժողովուրդէն:

Թուրքերու ու ազերիներու աչքին ազգային ու մարդկային բարոյական հարցերը նշանակութիւն չունին, անոնք ոչ միայն բռնագրաւուած կը պահեն մեր հողերը ամբողջութեամբ, այլեւ կ՛իւրացնեն նաեւ մեր մշակոյթին կարեւոր մէկ տոկոսը:

Մինչեւ օրս շարունակուող մշակութային այս ջարդը ունի միակ գլխաւոր դրդապատճառ` ջնջել հետքերն ու ապացոյցները Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան. թուրքն ու ազերին հանգիստ չեն կրնար ունենալ, այնքան ատեն որ հազարաւոր հայկական կոթողներ եւ յուշարձաններ աղաղակող ապացոյցներն են բռնագրաւեալ մեր հողերուն վրայ հայկական դարաւոր գոյութեան ու քաղաքակրթական ստեղծագործութեան:

Արդարեւ, թուրքերն ու ազերիները մշակութային կոթողներ չեն աւերեր կրօնական պատճառներով. անոնց մղում կու տան ցեղապաշտութիւնն ու ազգայնամոլութիւնը: Աւելի՛ն. հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան դէմ գործուող մշակութային այս սպանդին նպատակը պարզապէս խուսափիլն է Հայոց ցեղասպանութեան համար հաշիւ տալու անժամանցելի պատասխանատւութենէն եւ քաղաքական հաշուետւութենէն, որ ծանրացած է թուրք եւ ազերի նորահաս սերունդներու ուսերուն:

Հայկական հողերու ինքնութիւնը, փաստօրէն, մեծ տարողութեամբ ենթակայ է մշակութային կոտորածի: Եւ այդ պատճառով ալ թրքացեղ ժողովուրդին կողմէ մշակութային եղեռնը տակաւին կը շարունակուի:

Այստեղ ուզեցինք լուսարձակի տակ առնել երկու տարբեր ժողովուրդներու կեցուածքները` հանդէպ հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան, մանաւանդ որ Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը մեծ արժէք կու տայ եւ արդար կը գտնուի երկրի տարածքին գտնուող կրօնական փոքրամասնութիւններուն: Նախ պէտք է ըսել, որ Իրանի սահմանադրութեան ընդունումէն ի վեր` 1806-1807 թուականներուն, խորհրդարանին մէջ փոքրամասնութիւններուն տեղ յատկացուած է: Նոյնը շարունակուած է Իրանի իսլամական յեղափոխութենէ ետք: Տակաւին,  սահմանադրութեամբ այդ իրաւունքները ամրագրուած են փոքրամասնութիւններու աւանդութեան եւ կրօնական օրէնքներով, որ կը կոչուի «ահուալ ալ-շախսիէ» (անհատական պայմաններ):

Վերջապէս, այստեղ երախտագիտութեամբ պէտք է դիտել Իրանի կառավարութեան կեցուածքը, որ յատուկ խնամքով, նիւթական մեծ յատկացումներով կործանումէ կը փրկէ հայկական եկեղեցիներն ու մշակութային կոթողները, ինչպէս նաեւ` Մեծ եղեռնի նահատակներու յուշակոթողները:

Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ միջազգային մամուլը ընդհանրապէս լուռ կ՛անցնի երկու հակասական կեցուածքներուն վրայէն:

 

 

Անդրադարձ. Գերմանական Դիւանագիտութեան Հնարքը

0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիա Պունտըսթակի անդամներուն արգիլեց այցելել «Ինճիրլիք»-ի ռազմակայանին մէջ ծառայող գերմանական ուժերուն: Թուրքիոյ իրերայաջորդ մերժումներէն ետք, Գերմանիան իր ուժերը Թուրքիայէն փոխադրեց Յորդանան: Հարցը այն է, որ Գերմանիոյ զինեալ ուժերը կը գտնուին խորհրդարանի վերահսկողութեան տակ, ուստի անոնց հասանելիութիւնը Պերլինի համար խիստ կարեւոր է: Յուլիսի կիսուն Թուրքիա գերմանացի երեսփոխաններուն նաեւ արգիլեց այցելել Գոնիայի ՕԹԱՆ-ի ռազմակայանին մէջ գտնուող գերմանացի զինուորներուն` այդպիսով գործելով թուրք-գերմանական խնդիրը Թուրքիա-ՕԹԱՆ խնդիրի վերածելու մարտավարական սխալ մը:

Օգտագործելով թրքական կողմին թոյլ տուած այդ սխալին պատեհ առիթը եւ մեկնելով այն համոզումէն, թէ Անգարա պիտի չուզէ, որ ՕԹԱՆ-ի հետ իր իսկ ստեղծած այդ հարցը ստանայ աւելի լուրջ հանգամանք, Պերլին իր ուժերուն այցելելու հրամայականի գործադրութիւնը ապահովելու համար դիմած է հնարքի մը: Պունտըսթակի պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբի անդամ երեսփոխաններ Գոնիայի մէջ ՕԹԱՆ-ի ռազմակայան պիտի այցելեն կազմելով պատուիրակութիւն մը, զոր պիտի գլխաւորէ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ռոզ Կոթեմէօլլըր: ՕԹԱՆ-էն պաշտօնատար մը գերմանական «Տի.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ այցելութիւնը պիտի չըլլայ Պունտըսթակի պատուիրակութեան մը պաշտօնական այցելութիւնը, այլ ՕԹԱՆ-ի կողմէ դիւրացուած եւ դաշինքի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալին գլխաւորած պատուիրակութեան մը այցելութիւնը: Իրողութեան մէջ պատուիրակութիւնը Պունտըսթակի պատուիրակութիւն մըն է, սակայն ՕԹԱՆ-ի դրօշը բարձրացուցած պատուիրակութիւն մը: ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալին ներկայութիւնը ընդամէնը քամուֆլաժի եւ Թուրքիոյ ձեռքը ոլորելու նպատակով է, որովհետեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ Անգարան բնականաբար չի կրնար ՕԹԱՆ-ի պատուիրակութեան ՕԹԱՆ-ի ռազմակայան այցելութիւնը արգիլել, ուստի ընդունած է պատուիրակութեան 8 սեպտեմբերին նախատեսուած այլցելութեան առաջարկը:

Թուրքիա այժմ կը փորձէ «իր քիթը գետին քսող» այցելութիւնը արգելակել` պահանջելով խօսք ունենալ պատուիրակութեան մասնակից գերմանացի երեսփոխաններուն ճշդման մէջ: Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, Թուրքիա մասնաւորաբար կը մերժէ մասնակցութիւնը երեսփոխաններու, որոնք անդամ են Անգարայի կողմէ «ահաբեկիչներուն աջակցելու» մէջ մեղադրուած արմատական ձախակողմեան կուսակցութեան: Սակայն վստահաբար պիտի փորձէ այլեւայլ պատճառաբանութիւններով վեթօ կիրարկել նաեւ այլ երեսփոխաններու մասնակցութեան դէմ: Թրքական կողմը «առատաձեռն» պիտի գտնուի վեթոյի կիրարկման մէջ` այն յոյսով, որ կարենայ սպառել Պերլինի համբերութիւնն ու զայն մղել իր իսկ ձեռքով վիժեցնելու գերմանական դիւանագիտութեան հնարքը:

 

 

Հայկական Ուղղութիւններ` Սիրօ Կղզիին Մէջ

0
0

Քաղաքապետարանի պաշտօնական կայքի արձագանգը՝ հանդիպումին

Յունաստանի Սիրօ կղզին պատմական որոշ ժամանակահատուածի եղած է Յունաստանի մայրաքաղաք: Կղզիի պատմական, մշակութային, հնագիտական եւ քաղաքակրթական իւրայատկութիւններուն անդրադառնալու առիթ կ՛ունենանք տակաւին:

Այժմ կեդրոնանանք հայկական առումով կղզիին ներկայացուցած կարեւորութեան, որուն մանրամասնութիւններուն մասին առիթ եղած է զրուցելու «Ազդակ»-ի տնօրէնին եւ Սիրոյի քաղաքապետին միջեւ կայացած հանդիպումին ընթացքին: Յունարէնէն հայերէն եւ փոխադարձաբար թարգմանութիւնը կատարեց Զարմինէ Քիւրտօղլեանը:

Լուսանկարները՝ որբանոցի թանգարանէն

Սիրոյի մէջ տեղակայուած զօրանոցը յատուկ տեղ յատկացուցած է հայ եւ յոյն որբեր ընդունած երբեմնի որբանոցին վերաբերող իրերուն, փաստաթուղթերուն, լուսանկարներուն, Մերձաւոր Արեւելքի օժանդակութեան մարմինի որմազդներուն  եւ որբերու ձեռային աշխատանքներուն: Զօրանոցը ինքը նախկին որբանոցն է, ուր ապաստան գտած են 1922-ի Զմիւռնիոյ ջարդերէն ետք Յունաստան ապաստանած երկու հազար հայ եւ յոյն որբերը:

Լուսանկարները՝ որբանոցի թանգարանէն

Յոյն սպան բացատրեց, որ զօրանոցի թանգարանային բաժինը մնայուն կերպով բաց չէ հանրութեան համար, այլ նախապէս պէտք է յատուկ արտօնութիւն ստանալ` դիտելու այնտեղ ցուցադրուած իրերն ու փաստաթուղթերը եւ իրազեկ դառնալու համար որբանոցի պատմական տեղեկութիւններուն:

Սիրոյի քաղաքապետ Եորկոս Մարանկոս շատ հետաքրքրական գտաւ հանդիպման ընթացքին ներկայացուած հայ որբերու վերաբերող տարբեր թանգարաններու հետ համագործակցութեան առաջարկը: Այս առումով իրեն յայտնուեցաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան Երեւանի թանգարանին եւ Ժիպէյլի «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին հետ համագործակցութեան լայն հնարաւորութիւններ կան, յատկապէս` որբերու (նաեւ` յոյն որբերու) վերաբերող լուսանկարներու եւ փաստաթուղթերու թուայնացուած տարբերակներու փոխանակման կարելիութիւնները նկատի ունենալով:

Սիրոն այն կղզին է, ուր աւելի քան քսան տարիէ ի վեր կ՛ընդունի արցախեան պատերազմի նահատակներու զաւակները. ամէն տարի շուրջ երեսուն երեխայ կու գայ իր տարեկան  արձակուրդը անցընելու Սիրօ կղզիին մէջ: Նախաձեռնութիւնը եղած է ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին եւ յատկապէս` մեր ընկերներէն Խաչիկ Խաչատուրեանին, եւ այժմ ծրագիրը կը շարունակուի ներկայ քաղաքապետին օրով: Վերջին շրջանի իրերայաջորդ տարիներուն Յունաստանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան անձամբ կը մասնակցէր երեխաներու դաստիարակչական ծրագրին:

Քաղաքապետ Մարանկոս իր խօսքի աւարտին յայտնեց նաեւ, որ պահը հասած կը նկատէ  քսանամեայ այս համագործակցութեան ծիրին մէջ այցելելու Արցախ:

Սիրօ կղզին թէ՛ Ցեղասպանութեան եւ թէ՛ արցախեան մեր հիմնահարցին ուղղութիւններով կարեւոր նախաձեռնութիւններու զարգացման անհրաժեշտ նախադրեալները արձանագրած է. նախադրեալներ, որոնք զարգացման պարարտ ենթահող ունին, յատկապէս` նկատի ունենալով հայ եւ յոյն ժողովուրդներու թէ՛ պատմական եւ թէ՛ ներկայ ընդհանրութիւնները:

«Իրանը Սեփական Տարածքում Երբեւէ Ազգութիւնների Դէմ Յանցագործութիւններ Չի Իրականացրել». Դոկտ. Կարէն Խանլարեան

0
0

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանում Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Խանլարեանը ասորիների ցեղասպանութեան նահատակների մեծարման միջոցառման ժամանակ զօրակցել է ասորական համայնքին եւ ելոյթ ունենալով` նշել, որ ցեղասպանութիւնը մեր երկու` հայ եւ ասորի ժողովուրդների ընդհանրական  ցաւն է, եւ կարեւորութեամբ յաւելել, որ Հայաստանը հանդիսանում է առաջին երկիրը, ով պաշտօնապէս ճանաչել եւ դատապարտել է օսմանական Թուրքիայի կողմից իրականացուած ասորիների ցեղասպանութիւնը:

Իրանահայ պատգամաւորը շարունակելով ցեղասպանութեան թեման` յաւելել է, որ մարդկութեան հնագոյն քաղաքակրթութիւններից մէկի` ասորի ժողովրդի ցեղասպանութիւնը  սկսուել է 18-րդ դարասկզբից, շարունակուել է 1915թ. Հայոց ցեղասպանութեանը զուգահեռ եւ շարունակւում է առ այսօր` Մուսուլում, Նինուէում եւ ասորական այլ քաղաքներում, ինչպէս նաեւ` Հոմսում, Հասաքէում եւ Սիրիայի ասորաբնակ այլ շրջաններում, որոնք գտնւում են ահաբեկիչների ճիրանների տակ:

Վերջինիս վրայ կանգ առնելով` հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւորը նշել է, որ Թուրքիան ցեղասպան երկրների ցուցակում բացառիկ մրցանիշ է գրանցել իր դաժան պատմութեան հաշուին: Նա նշել է, որ Թուրքիայի ձեռամբ աւելի քան հինգ ազգութիւններ ու ցեղախմբեր, յանձինս` հայերի, յոյների, ասորիների, մակեդոնացիների, պուլկարների, քրտերի եւ ալեւիների, ենթարկուել են ցեղասպանութեան, ինչի համար մինչ օրս այդ յանցագործ պետութիւնը պատասխանատւութեան չի ենթարկուել միջազգային ատեանների կողմից:

Նա  կարեւորել է պատմական այն փաստը, որ Իրանը, իր աւելի քան չորսհազարամեայ պատմութեան կտրուածքով, երբեք սեփական տարածքներում ապրող ազգութիւնների դէմ կազմակերպուած յանցագործութիւն չի իրականացրել: «Թերեւս հէնց այս պատճառով է, որ Իրանը բոլորից աւելի շատ բարոյական իրաւունք ունի ճանաչելու եւ դատապարտելու այլոց կողմից մարդու դէմ իրականացուած յանցագործութիւնները, ի թիւս այլոց` հայերի եւ ասորիների ցեղասպանութիւնները», ընդգծել է պատգամաւորը:

Դոկտ. Խանլարեանը միջոցառմանը ցուցադրուած տեսանիւթի կապակցութեամբ, որտեղ խօսուել է ՏԱՀԵՇ-ի  կողմից ջարդի ենթարկուած իրաքեան ասորիների փաստերի մասին, եւ այն, որ զոհերի յիշատակը շարունակւում է մնալ առանց յուշարձանի, նշել է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշատակող Տէր Զօրի հայկական եկեղեցին նոյնպէս ՏԱՀԵՇ-ի ձեռամբ է աւերուել եւ հողին հաւասարեցուել: Նա յոյս յայտնեց, որ կը գայ այն օրը, երբ ասորիներն իրենց պատմական հայրենիքում` ազատ, անկախ եւ միացեալ Ասորեստանում, կը կառուցեն ասորիների ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակը յաւերժացնող յուշարձաններ:

«Golden- Fish-K»` Արցախի Տնտեսութեան Ոսկէ Ձկնիկ

0
0

ԼՈՒՍԻՆԷ ԹԵՒՈՍԵԱՆ

Առաջնագծից 800 մեթր հեռաւորութեան վրայ, կրակոցների ձայների ներքոյ Մատաղիս համայնքի ձկնկիթի գործարանը նախատեսում է տարեկան 15-20 թոն սեւ ձկնկիթ ստանալ:

Ձկնկիթի Աճեցումից Մինչեւ Սեւ Արտադրութիւն

Արցախի տնտեսական մեծածաւալ նախագծերից մէկի` «Golden-fish-k» ընկերութեան հիմնումը զուիցերիահայ Վարդան Սրմաքէշի գաղափարն է: Գործարարի ներդրումներն Արցախում անցնում են մի քանի տասնեակ միլիառ դրամի սահմանը` գիւղատնտեսութիւն, դրամատնային համակարգ, ջրաելեկտրակայան, հանքարդիւնաբերութիւն եւ ձկնաբուծութիւն:

Գրանցուած տնտեսական յաջողութիւնները լաւատեսութեան հիմք են տալիս: 2013-ին ուսումնասիրուել է ոլորտը: 2014-ին հիմնուել է արտադրամասը: 2015-ի մայիսի վերջին ստացել են  թառափների առաջին խմբաքանակը` թուով 100.000: 2016-ին ձկնկիթն արտադրւում էր փորձնական նպատակով: Այսօր արդէն հաշուարկւում են առաջիկայ տարիների արդիւնքները:

Մատաղիսի գործարանում բուծում են թառափի սիպիրեան, ռուսական եւ պելուկա տեսակները: Չի բացառւում, որ հետագայում որոշ սաղմոնազգիներ էլ մշտական բնակութիւն հաստատեն Մատաղիսում, մասնաւորապէս` գեղարքունեանց գեղեցկուհի իշխանը:

Ժամանակացոյցի համաձայն, ձկնկիթի արտադրութիւնը միջինը վեց տարի է պահանջում:

«Տարեկան 400.000 ձկան ձկնկիթի է բերւում, սովորաբար գրանցւում է բերուածի 20-30 տոկոսի կորուստ», նշում է «Golden-fish-k» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Արմէն Չալեանը:

Ձկնաբուծութեան եւ սեւ ձկնկիթի արտադրութեան գործում ունեցած փորձը ձեռնարկութեան աշխատակիցներին են փոխանցել արտասահմանից հրաւիրուած մասնագէտները: Աշխատողները պարբերաբար մասնակցում են նաեւ արտասահմանում կազմակերպուող դասընթացների:

«Դասընթացների ընթացքում ստացած փորձն ու գիտելիքները փոխանցում եմ աշխատողներին», ասում է Ա. Չալեանը:

Սկզբում սարքաւորումներին, ջրի ջերմաստիճանին, որակեալ կերին առնչուող խնդիրներ ունէին, սակայն ժամանակի ընթացքում այս խնդիրները կարգաւորուեցին:

Սահմանապահ Ուոլ Սթրիթ

Ծովերից ու ովկիանոսներից հազարաւոր քիլոմեթրերով հեռու գտնուող Մատաղիսը փաստեց` ձկնկիթի արտադրելու համար պարտադիր չէ ծով ունենալ:

Երկու գործօն են հիմնականում ազդում որակեալ ձկնկիթի արտադրութեան վրայ` թթուածնով հարուստ ջուրն ու ջրի համապատասխան ջերմաստիճանը: Երկու դէպքում էլ Մատաղիսի գործարանը շահեկան դիրքերում է: Թարթառի զուլալ ջուրն ու ջերմաստիճանի տաքութիւնը, որը տարուայ կտրուածքով կայուն է այս տեղանքի համար, ձկնկիթ ստանալու համար գլխաւոր նախապայմանն են:

«Հոսող ջրի ջերմաստիճանը եւ մաքրութիւնը ամբողջութեամբ համապատասխանում էր այն պայմաններին, որոնք մեզ պէտք էին: Այս պայմաններում հնարաւոր է բարձրակարգ ձկնկիթ ստանալ», նշում է Արմէն Չալեանը եւ` աւելացնում. «Մատաղիսում ձկնկիթի արտադրամաս կառուցելն ունի նաեւ հոգեբանական նշանակութիւն` տեղի բնակիչների համար. ժողովուրդը պէտք է վստահ լինի, որ երկիրը ապագայ ունի»:

Գործարանն ունի 9 հեկտար տարածք: Ձկները պահւում են 350 աւազաններում: Պէտք է կառուցուի նաեւ մեծ աւազան:

Խոշոր պիզնես հիմնելու գաղափարը շատ արագ վերածուեց իրական ձեռնարկի: «Golden-fish-k» ընկերութեանը պատկանող ձկնաբուծարանի շինարարութեան աւարտին անմիջապէս հետեւեց առաջին ձկնկիթի խմբաքանակի ներկրումն ու տեղադրումը:

Այսօր գործարանն ունի 20 աշխատող` 130.000 դրամ միջին աշխատավարձով: Առաջիկայում աշխատողների կարիք եւս կը լինի:

Ձկնկիթի Արտադրութիւնը`
Արցախի Տնտեսութեան Հորիզոն

Ձկնկիթի արտադրութիւնն Արցախի տնտեսութեան շահութաբեր ճիւղ դարձնելու գաղափարը որքան էլ արկածային էր թւում, այնուամենայնիւ ունեցած ջրային պաշարներն ուրուագծում էին հնարաւոր հեռանկարը:

«2020-22 թուականներին մեր ծաւալները հասնելու են 1200-1500 թոն ձկան միս, նաեւ ունենալու ենք 15-20 թոն սեւ ձկնկիթ», նշում է Արմէն Չալեանը` ցաւով աւելացնելով սակայն, որ ապրիլեան պատերազմը ուրուագծուած ժամանակացոյցից յետ է գցել գործարարներին. գործարանում մարդկային կորուստ չի գրանցուել, սակայն այդ օրերին ռմբակոծութիւնների զոհ է դարձել աւելի քան 50.000 ձուկ: Հասցուած նիւթական վնասը կազմել է 120-130 միլիոն դրամ:

Յաջորդ տարի վաճառքի են հանելու 500 թոն ձկնամիս, իսկ 4 տարի անց Արցախում արտադրուած ու մակնշուած ձկնկիթը միջազգային շուկայում է յայտնուելու: Ունեն նաեւ հասուն մայրական կազմ, որից արդէն ստանում են ձկնկիթ. ճիշդ է` դեռ փոքր ծաւալներով, փորձնական նպատակներով:

Առաջին շօշափելի արդիւնքները տեսանելի կը լինեն արդէն երկու տարի անց: Մօտ 700 թոն ձկնամթերք կ՛արտադրուի: Շուտով վերամշակող արտադրամաս էլ կը կառուցուի` տեղում ձկնկիթն ու միսը մշակելու եւ փաթեթաւորելու նպատակով:

6-7 տարի անց Արցախը աշխարհին բարձրակարգ ու բարձրարժէք արտադրանքով կը ներկայանայ: Ձկնաբուծութիւնը տնտեսութեան աշխուժացման լուրջ նախադրեալ է, շահութաբեր ու հեռանկարային ճիւղ: Նախատեսւում է 1 քկ ձկնկիթը վաճառել 3000 ամերիկեան տոլարով:

«Ապառաժ»

 

Հաղորդակցական Մեր Ժամանակակից Միջոցները Եւ Մենք

0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հայաստանի մէջ գումարուեցան «մամուլի խորհրդաժողով»-ներ: Մամուլ եզրով նկատի ունիմ հաղորդակցական միջոցները ընդհանրապէս` տպագիր, ձայնասփիւռային, հեռատեսիլի եւ ի հարկին` համացանցի:

Ֆրանսա, Ամերիկաներ, Անգլիա, Սէուտական Արաբիա կամ այլ երկիրներ, նման խորհրդաժողովներ չեն գումարուիր: Եթէ Հայաստանի մէջ անոնք կը գումարուին, եւ անոնց կը մասնակցին Հայաստանէն եւ սփիւռք(ներ)էն հաղորդակցական միջոցներու աշխատաւորներ, կը նշանակէ, որ ըսելիք եւ ընելիք կայ, նոյնիսկ եթէ ոմանց համար այդ ժողովները հայրենասիրական զգացումի բաւարարութիւն կու տան, կամ կը վերածուին զբօսաշրջութեան:

Ընդհանրապէս մամուլը, ոչ միայն հայկական, պարտաւոր է տուրք տալ հետաքրքրութիւններու, զգայացունցի, միաժամանակ` արծարծել ազգային եւ միջազգային հարցեր: Ի հարկէ, ան առաջին հերթին լրատուամիջոց է: Մամուլը` տպագիր, ձայնասփիւռային եւ հեռատեսիլի, պէտք ունի ընթերցողի, լսողի եւ դիտողի, որոնցմով կ’արդարանայ իր գոյութիւնը: Ան պարտի բաւարարութիւն տալ հետաքրքրութիւններու եւ ակնկալութիւններու: Ան ընկերային, քաղաքական եւ քաղաքակրթական դեր ունի, կամ պէտք է ունենայ: Ան շատ դիւրաւ կրնայ խեղուիլ` ենթարկուելով տնտեսական եւ իշխանութիւններու ճնշումներուն, որոնք կ’աղճատեն իր ազնիւ ծառայութիւն ըլլալու պարտականութիւնը եւ յառաջդիմութեան ազդակի իր դերը:

Համաշխարհային մամուլի մասին խօսիլ` մեր առաջադրանքը չէ, ընդունելով հանդերձ, որ ան եւ հայ մամուլը սկզբունքային նոյն նպատակին պարտին ծառայել: Հայ մամուլը իւրայատուկ առաքելութեան կոչուած է` առանց անտեսելու ընդհանրականը, բայց անկէ շատ տարբեր է: Հաստատուն եւ բնական զարգացման ընթացքի մէջ եղող երկրի մը եւ ժողովուրդի մը մամուլը ընդհանրապէս նիւթական լայն միջոցներ ունի, քանի որ ընթերցողի, լսողի եւ դիտողի զանգուած ունի: Կացութիւնը մասամբ այդպէս է Հայաստանի մէջ: Սփիւռք(ներ)ի մէջ հայ մամուլը այս կամ այն ձեւով համայնքային է, արհեստավարժ ձեւով կազմակերպուելու եւ գործելու դժուարութիւն ունի, ինք իր միջոցներով չի կրնար մատակարարուիլ:

Հայաստանի մէջ ալ մամուլը նոյն դժուարութիւնը ունի նիւթական մատակարարման անկախութեան դժուարութեան պատճառով, երբ պետական վարկերէ չ’օգտուիր:

Այս բոլոր պատճառներուն հետեւանք` հայկական մամուլը առաւել կամ նուազ չափով սիրողական է, ընդհանրապէս անկախ չէ:

Հայկական մամուլը, ի հարկէ, լրատուամիջոց է:

Լրատուամիջոցը կարիք ունի լրագրողի, որ կը քաղէ լուրերը, կը հետեւի լուրերուն, կ’երթայ դէպի լուրերը: Հայկական լրատուամիջոցներուն տուած լուրերը քաղուած են` ըստ էջը կազմողի նախասիրութիւններուն: Հազուադէպօրէն հայ լրագրողը ինք վկան է դէպքին (բացի հանդէս-հանրաժողովներու թղթակցութիւններէն), ան կ’արձագանգէ ուրիշ տեղ հաղորդուած լուրին: Այս պատճառով ալ անոնք կը հաղորդեն նոյն լուրերը` նոյն ձեւով խմբագրուած, որոնց վրայ երբեմն կ’աւելնայ թերթին կամ լրագրողին կողմնորոշումը:

Նշենք նաեւ օրաթերթի եւ շաբաթաթերթի լրատուութեան տարբերութիւնը: Առաջինի պարագային լուրը որոշ չափով անմիջական է, իսկ շաբաթաթերթը չունի այդ անմիջականութիւնը, հետեւաբար լուրը «հեռագրալուր»-ի ձեւէն կրնայ հեռանալ` ընդունելով մեկնաբանութիւն մը:

Այս լրատուութեան մասէն անդին` հայկական մամուլը կ’անդրադառնայ համաշխարհային, համամարդկային, միջազգային, ընկերաքաղաքական եւ գիտական հարցերու, ընդհանրապէս մեծ լրատուամիջոցներու հունով, յաճախ` թարգմանաբար կամ քաղուածքներով: Հայ ընթերցողը, լսողը եւ դիտողը կը տեղեկանայ, կը հետեւի, անոնց ընթացքին վրայ ազդելու հնար չունի: Թէեւ լաւ է տեղեակ ըլլալ:

Բայց հայ մամուլը կը խօսի հայ ազգային խնդիրներու  եւ հիմնահարցերու մասին: Այդ «խօսք»-ը ունի տարբեր որակներ եւ երանգներ, յաճախ ենթակայական է, այդ պատճառով ալ աւելի դիւրին կը թեքի դէպի զգացականութիւն եւ ամբոխավարութիւն, քանի որ չի հիմնուիր ուսումնասիրութիւններու եւ թիւերու վրայ:

Օրին ըսուեցաւ, որ նոր դարը պիտի յատկանշուի համաշխարհայնացումով, որ թափով ընթացքի մէջ է. տնտեսական, մշակութային, լեզուներու, բարքերու, արհեստագիտութեան, բնակութեան, տեղափոխութիւններու, կենսաձեւի եւ արժէքներու: Համաշխարհայնացում մըն ալ տեղի կ’ունենայ նաեւ գաղթող բնակչութիւններու թուական ճնշման տակ: Հակառակ միջազգային ժողովներու եւ խաղաղութեան կարգախօսներու` միշտ առկայ է հիւլէական աւերածութեան վտանգը, քանի որ զինանոցները կ’աճին, կը պահուին արթուն եւ սպառնական վիճակի մէջ: Աւելցնենք պատկերի եւ համացանցի համաշխարհայնացումը եւ կ’ըմբռնենք կացութիւնը, զոր մէկ կամ երկու սերունդ առաջ չէին կրնար երեւակայել մարդիկ:

Պարզ է. այս խնդիրները կախում չունին մէկ կամ միւս ժողովուրդէն, համամարդկային են, կախում ունին անոնցմէ, որոնք կը տիրապետեն գիտական եւ նիւթական լայն միջոցներու: Փոքր ժողովուրդները այդ միջոցները չունին, անոնք ճակատագրապաշտի վերաբերումով չեն կրնար բաւարարուիլ, այլապէս կը հարթուին ժամանակի թաւալող գլանին տակ: Մեր ժողովուրդն ալ այլընտրանք չունի, հոսանքին մէջ կը գտնուի, բայց ինքնիրեն չարիք կը գործէ, եթէ չմտածէ եւ չգործէ այնպէս, որ իր ազգային, մարդկային, մշակութային, ինքնութեան եւ բարոյական արժէքները պաշտպանուին, հակառակ` գործնապաշտներու եւ եսապաշտներու նահանջականութեան եւ խարխափումներուն:

Հայ մամուլը իսկական հաղորդակցութեան մէջ պէտք է ըլլայ ժողովուրդին հետ, ոչ միայն անոր մէկ մասին հետ` զարգացնելով հատուածականութիւն: Իրողութիւն է, որ հայկական մամուլը լայն զանգուածներուն չի հասնիր: Իսկ տպագիր հայերէնով մամուլը, համատեղ, հայ անհատներու չնչին տոկոսին կը հասնի միայն: Հետեւաբար արծարծուած խնդիրներուն եւ ընդհանրական մտահոգութիւններուն անհաղորդ կը մնան զանգուածները: Հաղորդակցական արդի միջոցները բազմազան են եւ անոնցմէ անհրաժեշտ չափով չ’օգտուիր հայ մամուլը: Այս հարցը կը կարօտի ուսումնասիրութեան եւ օգտուելու համար` մարդկային եւ նիւթական ներդրումներու:

Կայ նաեւ յստակացման կարօտ ուրիշ խնդիր մը: Հաղորդակցութիւն հաստատելէ առաջ պէտք է գիտնալ, թէ ինչո՞ւ կ’ուզենք հաղորդակցիլ, ի՞նչ կ’ուզենք փոխանցել եւ ինչո՞ւ: Իսկ հաղորդակցութեան թիրախը պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր հայ, մանաւանդ` սփիւռք(ներ)ի պարագային, երբ տարածքային նոյնութիւն չկայ, երբ ազգային ինքնութիւնը կը նուազի, միացնող իտէալը կը բացակայի` հակառակ յաճախ սրտապնդելու կոչուած ճառերու: Ինքնախաբէութեամբ պէտք չէ օրօրուիլ` դիտելով փոքրամասնութիւնները:

Հարցեր կան: Հաղորդակցական միջոցներու գործածութեան նպատակի կողքին, հարկ է տիրապետել նաեւ անոնց գործածութեան «գիտութեան», գրաւորի, խօսքի եւ պատկերի, գիտութիւն, որ կարեւոր է` ֆրանսացիին, քիւրտին, ամերիկացիին եւ ուրիշներու համար, նաեւ` հայուն: Պէտք է ճշդել, որ մենք համայն աշխարհի մեծ ու պզտիկ բոլոր հարցերով զբաղելու ո՛չ միջոցները ունինք եւ ո՛չ ալ կարողութիւնը: Չորս էջով լոյս տեսնող հայկական թերթը իր անձնակազմով, քսան, երեսուն եւ կամ աւելի էջերով լոյս տեսնող ֆրանսական, անգլիական կամ ամերիկեան թերթին յաւակնութիւնները չունի: Հետեւաբար հայ մամուլը առաւելաբար «մեր կացութեան» բեմը պիտի ըլլայ:

Հայկական մամուլը, ան ըլլայ անհատական թէ կազմակերպութեան մը նախաձեռնութիւնը, որպէս թիրախ պիտի ունենայ հայ համարուած խմբաւորում(ներ)ը, ո՛չ խմբակները: Եթէ կ’ուզենք հասնիլ «միջազգային» հանրութեան, ըստ այնմ պէտք է կազմակերպել մեր հաղորդակցութիւնը, ինչ որ կարելի չէ հայերէն կամ օտարալեզու հայկական մամուլով` նկատի ունենալով անոնց տարածման չափը եւ որակը մեր միջավայրէն դուրս:

Ներազգային հաղորդակցութիւնը յաջողելու համար կարիք ունի որակի` որպէս բովանդակութիւն եւ մշակում: Խօսիլ ներազգային հաղորդակցութեան մասին` նեղմտութիւն եւ կղզիացում չէ, այլ` անոր յստակացումը, մշակումը, ըմբռնելիութեան զարգացումը ազգային արժէքներու, փոխանցումը հեռանկարներու, միշտ շեշտելով այն ողջմիտ միտքը, որ պէտք է հասնիլ իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ, ինչ որ չենք յաջողած ընել:

Ինչո՞ւ դադրած ենք առանց ճապկումներու ըսելէ, որ ներազգային կեանքի մէջ եւ իսկական վերականգնումի համար նախապայման են ազգային լեզուն եւ մշակոյթը, ներազգային հաղորդակցութիւնը անոնց վրայ պէտք է հիմնուի: Փորձը ցոյց կու տայ, որ անոնցմէ հեռացումը ուծացման սպառնալիք է` հակառակ մարդորսական հաճոյակատարական խօսքերու, ճապաղելով տեղականի եւ տեղայնականի մէջ:

«Ազգային»-ի նօսրացումը եւ անոր սա կամ նա ձեւով արդարացումները երբեք օգտակար չեն եղած, պիտի չըլլան, կը ծառայեն նահանջներու դառնութիւնը ջնարակելու: Անհեթեթութիւն, որ ո՛չ քաղաքականութիւն է ո՛չ ալ հայապահպանում, այլ պարզապէս` անբովանդակ երեւելիապաշտութիւն, «էսթեպլիշմընթ»-ի ախտ:

Հայ մամուլի պարագային մեծ կարեւորութիւն ունի հրապարակագրութիւնը` տեսակէտներու արտայայտութիւնը, ի հարկին անոնց բախումը եւ քննադատութիւնը, որոնք կը լուսաբանեն, կ’առաջնորդեն, կը խեղաթիւրեն` ըստ պահու, դէպքերու եւ կացութիւններու:

31 յուլիս 2017, Փոնթիվի (Ֆրանսա)


Առիաւան` Առաջին Բնապահպանական Գիւղը Արցախի Մէջ

0
0

ՄԱՐԱԼ ՍԻՄՍԱՐ, «Արձագանգ»

Գորիսը Ստեփանակերտին կապող ուղիին վրայ ճամբորդին ուշադրութիւնը կը գրաւեն կարմիր տանիքներով շարք մը տուներ` կանաչ հովիտի մը մէջ հաստատուած: Ատիկա Առիաւան գիւղն է, որ կը գտնուի Քաշաթաղի շրջանին մէջ, Բերձորէն 15 քմ, իսկ Ստեփանակերտէն 70 քմ հեռաւորութեան վրայ:

Այս գիւղը արդիւնքն է լիբանանահայ գործարարներ համախմբող «Արցախ ռուց ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) հիմնադրամին եւ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան համագործակցութեան` խթանելու նպատակով այս ռազմավարական շրջանին բնակչութեան աճը:

Հիմնուած 2009-ին` ԱՌԻ կ՛աջակցի հողագործութեան եւ անասնաբուծութեան` Քաշաթաղի եւ Նոր Շահումեանի շրջաններուն մէջ, յատկապէս` վարկեր տրամադրելով տեղացի հողագործներուն եւ ագարակատէրերուն: Քաջալերուած իր ներդրումային ձեւի յաջողութենէն եւ Արցախի կառավարութեան հետ յաջող գործակցութենէն` ԱՌԻ Առիաւանի ծրագիրը սկսաւ 2014-ին:

Արցախի վարչապետին առաջարկով եւ Քաշաթաղ շրջանի զարգացման եւ վերաբնակեցման նպաստելու համար ԱՌԻ-ի ներկայացուցիչները որոշեցին շինել յարմարաւէտ բնակարաններ` գիւղացիներուն համար եւ ստեղծել եւրոպական չափանիշներուն համապատասխան գիւղ մը:

Այսպիսով, ծնաւ առաջին բնապահպանական գիւղը Արցախի մէջ Աղաւնոյ հին գիւղին վայրը, համանուն գետի ափին: ԱՌԻ զայն կոչեց Առիաւան: Ծրագիրը կը նախատեսէ կառուցել 150 առանձին տուներ` 3 փուլով, 50 տուն` իւրաքանչիւր փուլի: Ամբողջութեամբ կահաւորուած այս տուները պիտի ունենան պարտէզ եւ ապահովուին ելեկտրականութեամբ, ըմպելի ջուրով եւ ոռոգման շուրջօրեայ դրութեամբ: Արեւմուտքի գիւղական շրջաններուն համեմատելի այս պայմանները պիտի օգնեն բարելաւելու գիւղացիներուն կենսամակարդակը:

Աշխատանքները վստահուած են տարբեր ընդհանուր ընկերութիւններու, որոնք ընտրուեցան Արցախի կառավարութեան կազմակերպած մրցոյթին միջոցով: ԱՌԻ-ի ներկայացուցիչները յաճախակի այցելութիւններ կը կատարեն այդ վայրը, որպէսզի հաստատեն աշխատանքներուն լաւ ընթացքը: Տուներուն մէկ մասը պիտի յատկացուի այն ընտանիքներուն, որոնք ընդգրկուած են կառավարութեան ընկերային ծրագիրին մէջ, իսկ միւս մասը պիտի ծախուի գրաւի առանձնաշնորհեալ պայմաններով:

Առիաւանի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ 3 սեպտեմբեր 2016-ին, Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 25-ամեակին առթիւ: 25 ընտանիքներ փոխադրուեցան նորակառոյց տուներ, մինչ 25 տուներու այլ շարք մը պիտի յանձնուի յաջորդ ամիսներուն ընթացքին: Իր աշխարհառազմավարական նպաստաւոր դիրքին, բերրի հողին եւ քաջալերուած բնակիչներուն շնորհիւ` Առիաւան աճի եւ տնտեսական զարգացման մեծ ներուժ ունի:

ԱՌԻ կը տրամադրէ վարկեր` Արցախի ներդրումային հիմնադրամին. հիմնադրամ մը, որ ստեղծուած է Արցախի կառավարութեան կողմէ` նպաստելու փոքր եւ միջակ ընկերութիւններուն եւ նպաստելու տեղւոյն բնակչութեան բնակարանային պայմաններու բարելաւման` տարեկան 9 առ հարիւր տոկոսով, 7 տարուան ժամկէտով: Այս վարկերը, ԱՌԻ-ի տրամադրած այլ վարկերուն նման, կը վայելեն Արցախի կառավարութեան երաշխաւորութիւնը` ի նպաստ Քաշաթաղի եւ Նոր Շահումեանի շրջաններուն հողագործներուն: Այս վարկերը առիթ կու տան ԱՌԻ-ի բաժնետէրերուն` գումարներ ներդրելու կոկիկ բնակարաններու համար եւ միաժամանակ բարձրացնելու իրենց ներդրումներուն շահոյթները:

Մինչեւ այսօր ԱՌԻ ներդրած է 1.800.000 ամերիկեան տոլար` Առիաւանի մէջ շինարարական աշխատանքներուն համար: Այս գումարը կ՛աւելնայ 4.100.000 ամերիկեան տոլարին, որ 2009-էն ի վեր տրուած է «Ակրօֆոնտ»-ին, որ, իր կարգին, զանոնք վերածելով փոքր վարկերու, բաժնած է 199 գիւղերու մէջ ապրող աւելի քան 1037 ընտանիքներու: Նշենք նաեւ, որ իր հիմնադրութեան օրէն, 7 տարուան ընթացքին, ԱՌԻ իր բաժնետէրերուն տուած է մօտաւորապէս 900.000 ամերիկեան տոլար` այս վարկերէն յառաջացած տոկոսներով:

Արագացնելու համար տնտեսական զարգացումը եւ յառաջացնելու համար շօշափելի փոփոխութիւն մը այս շրջանին մէջ, ԱՌԻ պէտք է ընդլայնուի` ներառելով նոր բաժնետէրեր սփիւռքի բոլոր գաղութներէն: Որքան բաժնետէրերուն թիւը բարձր ըլլայ, նոյնքան ալ կը բարձրանայ թիւը այն անհատներուն, որոնք կու գան այս շրջանը բնակելու, եւ նոյնքան ալ կը բարձրանայ թիւը ընկերութիւններուն եւ գործերուն, որոնք պիտի ստեղծուին այնտեղ: Ներդրում կատարել Արցախի երկարատեւ եւ բեղուն ապագայի մը համար` ասիկա է ԱՌԻ-ի բաժնետէրերուն նպատակը` ստեղծելով հանրային եւ անձնական մարզերուն միջեւ գործընկերութեան նոր ձեւ մը, որ կը համատեղէ ազգայիններուն կարիքները եւ սփիւռքի օժանդակութիւնները:

«Մենք մեր արիւնը թափեցինք ազատագրելու համար այս սուրբ հողը, որ այժմ անմշակ է: Կը հրաւիրեմ աշխարհի հայութիւնը` հոս գալու եւ մշակելու ատիկա: Հողը կ՛ամրապնդուի այն ատեն միայն, երբ սեփականատէր ունի»: Այս խօսքերով իր հարցազրոյցը փակեց Սուրէն Խաչատրեան` Քաշաթաղի շրջանային խորհուրդի նախագահը, ԱՌԻ-ի գործունէութեան մասին կատարուած վաւերագրական ժապաւէնին մէջ:

Թարգմանեց` Նարէ Գալեմքէրեան

Ի՞նչ Իրաւունքով Եղծանել Դուրեանի Շիրիմը…

0
0

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Սփիւռքահայ գրագէտ Վահրամ Մաւեան, որ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական գրասենեակին աշխատակիցն էր միաժամանակ, Պոլիս իր հերթական այցելութենէն ետք բաւական խօսուն վերնագիրով մը կը կնքէ իր տպաւորութիւնները գրառած մէկ յօդուածը` «Քաղաքը, որ կ՛ապրի իր մեռելներով»:

Միայն Մաւեա՞նը միթէ… Քանի՜-քանի այցելուներ, իրենց Պոլիս կեցութեան շրջանին, նոյնիսկ պոլսեցիներ` դպրոցական ըլլան թէ շրջանաւարտ, գերեզմանատուներու մէջ կ՛որոնեն իրենց անցեալը, յագուրդ կու տան պատմութեան հանդէպ իրենց ծարաւին, կը ստեղծեն մօտիկութիւն մը մեծ բանաստեղծներուն կամ անհատներուն հետ:

Շատեր անպայման կը յիշեն Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, երբ առաջին անգամ քաղաքս կ՛այցելէր, առաջին իսկ ազատ պահուն իր շունչը կ՛առնէր Պաղլարպաշըի հայոց գերեզմանատան մէջ` տեսնելու համար Պետրոս Դուրեանի շիրիմը… Այո՛, Պետրոս Դուրեանի, որուն շիրիմը ո՛չ միայն մեր այս արդի ժամանակներուն ուխտավայր մը դարձած է, ո՛չ միայն վաղուց կորուսեալ անցեալէն մասունքի մը վերաբերումին արժանացած է վերջերս, այլ բոլո՛ր հայերուն համար եղած է այցելավայր մը` շատ հին ժամանակներէն սկսեալ: Անկարելի է հոս չյիշել Զապէլ Եսայեանի հրաշալի տողերը` «Սկիւտարի վերջալոյսներ»-էն, ուր գրագիտուհին զգայուն տողերով կը նկարագրէ իր այցելութիւնը Դուրեանի շիրիմին:

Դուրեանի շիրիմին պատմութիւնը հետեւեալն է. բանաստեղծը, որ իր կենդանութեան շրջանին աւելի ծանօթ էր որպէս թատերագիր ու դերասան, կը մեռնի 1872-ին` 21 տարեկանին. իր մահէն ետք ընթերցասիրաց ընկերութիւնը կը տպագրէ Դուրեանի երկերը, եւ գոյացած գումարով իսկ կը կանգնեցուի շիրիմը` 1874-ին: Յակոբ Պարոնեան եւ ժամանակակից մտաւորականները հետամուտ էին, որ ոչ մէկ բան թերի մնայ: Տապանագիրի հեղինակն է Պետրոս Դուրեանի 14-ամեայ եղբայրը` Միհրան, հետագային` Եղիշէ Դուրեան պատրիարքը (տապանագիրը կը խմբագրէ բանաստեղծ Խաչատուր Միսաքեան):

Դուրեանի շիրիմը կը բարեկարգուի 1893-ին:

1898-ին Եղիշէ Դուրեան իր միջոցներով դարձեալ կը վերանորոգէ շիրիմը, որուն հակառակ կողմին վրայ փորագրել կու տայ «Իմ մահը» տաղին վերջին քառեակը: Ուշադիր դիտող մը պիտի նկատէ, որ Դուրեանի շիրիմը համալիր մըն է. ձախին թաղուած է իր մայրը` տիրամայր Արուսեակ Դուրեան, իսկ աջին` Գարեգին Խաչատուրեան պատրիարքի տիրամայրը` Իսկուհի Խաչատուրեան: Գարեգին Խաչատուրեան յատուկ խնամք կը տանէր այս շիրիմներուն, քանի որ Եղիշէ Դուրեան պատրիարքի ձեռնասունն ըլլալով` իր բարոյական պարտքը կը համարէր այդ մէկը:

Արդէն 1950-ականներու աւարտին, երբ Պաղլարպաշըի գերեզմանատան մէկ մասը կը գրաւուի պետութեան կողմէ` պողոտան ընդլայնելու նպատակով, առաջին շարքին գտնուող Դուրեանի եւ տիրամայրերուն շիրիմներն ալ, օրուան պատրիարք Գարեգին Խաչատուրեանի հսկողութեամբ, կը տեղափոխուին ա՛յն տեղը, ուր մինչեւ այսօր կը մնան (այս տեղափոխութեան ժամանակ Դուրեանի գանկը կը հանուի ու կը բերուի պատրիարքարան, ապա կը տեղափոխուի Խորհրդային Հայաստան: Ասիկա այլ պատմութիւն մըն է, զոր գրած եմ ատենին եւ յառաջիկային կը պատրաստուիմ աւելի մանրամասնելու): Ուշադիր աչք մը պիտի նկատէ, որ տիրամայրերուն շիրիմները յար եւ նման են իրարու: Անոնց տապանագիրերը քանդակուած են այն տառատեսակով, որ յատուկ է Գարեգին Խաչատուրեան պատրիարքի շրջանին կառուցուած շէնքերուն կամ իր գրած գիրքերու ճակատին քանդակուածներուն:

Անցեալ շաբաթ Սկիւտար գացեր էի, Պաղլարպաշըի գերեզմանատունը, լուսանկարելու համար Վահան Թէքէեանի հօր` Գալուստի գերեզմանը (որ լքեալ վիճակի մէջ է եւ կարիք ունի խնամքի): Գերեզմանատունէն ելլելու ժամանակ ուզեցի այցելել նաեւ Դուրեանի շիրիմը: Ցնցիչ անակնկալ մը կը սպասէր սակայն ինծի…

Դուրեանի շիրիմին ճի՛շդ առջեւը տեղադրուած էր քարի հսկայ զանգուած մը, որ իր խոշորութեամբ ու կոշտութեամբ կը խանգարէր երեք շիրիմներուն նուրբ ներդաշնակութիւնն ու խոտոր կը համեմատէր անոնց համաչափութեան: Աւելի քան 120 տարիներու անցեալ մը ունեցող այս շիրիմը ինչո՞ւ ուզած էին եղծանել` նորոգել ուզելու քողին տակ: Պարզ նորոգութիւն մը թերեւս բա՛ւ ըլլար: Ինչո՞ւ չափազանցել եւ վայրը օտարացնել իր այցելուներէն: Քարակոյտին վրայ քանդակուած էր «Իմ մահը» բանաստեղծութեան հայերէն բնագիրը եւ, չես գիտեր` ինչո՞ւ, թրքերէն թարգմանութիւնը: Նոյն «Իմ մահը», որուն վերջին քառեակը 1898-ին շիրիմի ետեւի կողմը քանդակել տուած էր Եղիշէ Դուրեան պատրիարքը: Աչքէ հեռու տեղ մը, հասանելի` միա՛յն անոնց, որոնք աւելի հետաքրքրուած պիտի մօտենային շիրիմին, պիտի դառնային շուրջը եւ պիտի զարմանային` սիւնին ետեւը կարդալով բանաստեղծութեան վերջին տունը, ապա պիտի ուրախանային իրենց գիւտով: Իսկ հիմա նոյնիսկ անկարելի՛ է դառնալ շիրիմին շուրջը, ուր մնաց` կարդալ Եղիշէ Դուրեանի կողմէ քանդակուած քառեակը:

Յետոյ, ի՞նչ պէտք կար թրքերէնին… Ա՛յդ ալ` սխալներով: Պետրոս Դուրեան Պալեան գերդաստան մը, Յակոբ Մարթայեան մը, Երուանդ Ոսկան մը չէ՛, որ օսմանեան հասարակութեան ալ սեփականութիւնը դարձած ըլլար, իր գործերը տարածում գտած ըլլային բազմազգ հասարակութեան բոլոր շերտերուն մէջ: Պետրոս Դուրեան բանաստե՛ղծ է: Անոնք, որոնք հետաքրքրուած են իրմով, հաճին կարդալ իր գործերը` գիրքերէն կամ համացանցէն, բայց` ո՛չ շիրմին վրայ…

Գիտե՛մ, թերեւս տարօրինակ թուի ձեզի, սակայն յատկապէս կը սիրեմ այցելել մեծերուն շիրիմները: Շատ անգամ հասած եմ խուլ վայրեր` տեսնելու համար մեծ մարդոց, բանաստեղծներու, փիլիսոփաներու, երաժիշտներու շիրիմները: Յաճախ միա՛յն անուն մը կայ քանդակուած անոնց վրայ: Այցելուն արդէն գիտէ, թէ ո՛վ է ան: Պետրոս Դուրեան կարիքը չունի գերեզմանին առջեւ ունենալու իր բանաստեղծութիւնը, այդ ալ` նաեւ թրքերէն թարգմանութեամբ: Միայն անունը բաւակա՛ն է: Իսկ մենք միայն մեր չտեսութիւնը ցուցադրած կ՛ըլլանք նման անպիտան քարակոյտերով:

Ո՛չ թէ կը յուսամ կամ կը մաղթեմ, այլ պահանջելու նման կը խնդրեմ պատկան մարմիններէն, պատասխանատու անձերէն` հոգեւորական թէ աշխարհական, որ շուտափոյթ որոշումով ու քայլով մը նախկին տեսքին բերեն Դուրեանի շիրիմը: Ո՛չ ոք իրաւունք ունի եղծանելու զայն…

narekian2000@yahoo.com

 

Մտորումներ Արա Մալիքեանի Ելոյթին Առիթով

0
0

ՄԱՐՏԻԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

27 յուլիս 2017 երեկոյեան Ժիպէյլի Պիպլոսի փառատօնի ձեռնարկներու ծիրին մէջ  միջազգային համբաւ վայելող, նախկին լիբանանահայ Արա Մալիքեանի եւ անոր խումբին նուագահանդէսը կայացաւ գերազանցապէս գեղեցիկ եւ նորարարական բարձր մակարդակով: Վստահ եմ, որ ներկաները ապրեցան գեղեցիկ եւ որակաւոր նուագահանդէս մը ըմբոշխնած ըլլալու հպարտալի բաւարարութիւն, մանաւանդ որ արուեստագէտ Արա Մալիքեան նախկին լիբանանահայ է եւ` շատերուն ծանօթ ու բարեկամ:

Այս առիթով ունեցած կարգ մը խորհրդածութիւններս կ՛ուզեմ սեփականութիւնը դարձնել հանրութեան եւ մասնաւորապէս մեր համայնքի մէջ գործող միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն:

Ամէն տարի հետզհետէ Լիբանանի մէջ յաւելեալ թափ ու տարողութիւն կը ստանայ փառատօներու կազմակերպումը` յուրախութիւն գեղարուեստասէր հասարակութեան, անշուշտ անոնք  կ՛ըլլան տարբեր բնոյթի եւ որակի` գոհացնելով տարբեր բնոյթի եւ որակի նկատմամբ սէր ու հետաքրքրութիւն ունեցող հանդիսականները:

Այս ամառ տեղի ունեցան հայութիւնը առաւելաբար հետաքրքրող երեք ելոյթներ (անշուշտ այլ ելոյթներ ալ նուազ հետաքրքրական չեն). առաջին` «Բարեկամութիւն» պարախումբը, ղեկավարութեամբ հայրենի պարուսոյց Նորիկ Մեհրաբեանի, Տըպպայէի փառատօնին ծիրին մէջ. երկրորդը միջազգային մեծ համբաւ վայելող արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուրի համերգն էր` Ֆաքրայի փառատօնին, եւ վերջապէս` միջազգային վարկ վայելող նորարար ջութակահար Արա Մալիքեանի եւ անոր նուագախումբին համերգը: Մինչ այդ յիշեցնենք, որ Մալիքեան իբրեւ մենակատար` նուագած է աւելի քան քառասուն երկիրներու նուագախումբերու հետ` Մատրիտէն մինչեւ Թոքիօ:

Անձնապէս կրցայ ներկայ գտնուիլ «Բարեկամութիւն» պարախումբին, ինչպէս նաեւ Արա Մալիքեանի ելոյթներուն. երկու ձեռնարկներու պարագային ալ անխառն հպարտութիւնս խոցուեցաւ, երբ իրազեկ դարձայ, որ պարախումբին ելոյթին տոմսերը հարկ եղած վաճառքը չեն ունեցած, եւ հարիւրաւոր տոմսեր ձրիաբար բաժնուած են, որպէսզի կարելի ըլլայ ընդունելի ներկայութիւն ապահովել: (Դժբախտաբար Ազնաւուրի ելոյթին չկրցայ ներկայ գտնուիլ):

Իսկ ինչ կը վերաբերի Արա Մալիքեանի ձեռնարկին, նկատելի էր, որ որոշ տոմսեր իբրեւ հրաւէր բաժնուած էին, հաւանաբար աւելի քիչ թիւով, քան` «Բարեկամութիւն» խումբի պարագային. բայց միւս կողմէ` նկատելի էր, որ ելոյթի վայրին աջ ու ձախ կողմերու աթոռները վերցուած էին, որպէսզի ելոյթի ներկաներուն թիւը բաւարար ըլլալու տպաւորութիւն ձգէր, եւ դատարկ աթոռներուն առկայութիւնը զգալի չըլլար: Տարբեր անձերու վկայութեամբ, Մալիքեան երբեմն տասնեակ հազարաւոր հանդիսականներ ունեցած է իւրաքանչիւր ելոյթի, որ ունեցած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ:

Այս բոլորը կ՛ըսենք մատնանշելու համար, որ մօտէն ծանօթ ըլլալով հայկական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու տարիներու ընթացքին տարած մշակութային աշխատանքներուն եւ գործունէութեան` միշտ ալ փորձած ենք մեծ տարողութեամբ որակաւոր մշակութային նախաձեռնութիւններ կատարել. երբեմն յաջողած ենք,

իսկ երբեմն, փափաքելով հանդերձ, խուսափած` գիտակցելով, որ նման քայլ մը առնելը նիւթական եւ բարոյական մեծ ճիգ ու կարողականութիւն կը պահանջէ:

Իսկ վերջին տարիներուն տարբեր փառատօներու կազմակերպիչներ կը փորձեն միջազգային վարկ ունեցող հայ արուեստագէտներ եւ խումբեր հրաւիրել: Ամբողջ գաղութով եւ կազմակերպութիւններով պէտք է զօրավիգ կանգնինք այդ նախաձեռնութիւններուն եւ ծանուցումներով, հայկական եւ լիբանանեան տեղեկատուական միջոցներու կողմէ կատարուած հարցազրոյցներով զօրաշարժի ենթարկենք պատկերասփիւռը, ձայնասփիւռը, գրաւոր ու ելեկտրոնային մամուլը եւ ամէն ինչ, որ կրնայ ծառայել այս նպատակին: Ի պահանջել հարկին նոյնիսկ պէտք է տոմսերու վաճառման նպաստել այնպէս մը, որ մենք կազմակերպած ենք ելոյթները. թող չըսուի, որ ասիկա փառատօներու կազմակերպիչներուն կը վերաբերի միայն, ո՛չ, ասիկա ամբողջ լիբանանահայութեան հետաքրքրութեան կիզակէտը պէտք է ըլլայ: Այս տարուան ելոյթներու պարագային, այս բոլորը տեղի չունեցան, իսկ եթէ անդրադարձ կատարուեցաւ, ուրեմն` ձեռնարկներէն ետք միայն: Պէտք է գիտակցինք, որ նման բան ընելը կարեւոր է արժէքաւոր արուեստագէտները աւելի եւս քաջալերելու եւ անոնց քարոզչական ենթահողը զօրացնելու համար:

Միւս կողմէ, զօրակցելով փառատօներուն, մղած կ՛ըլլանք զանոնք կազմակերպողները` յաջորդող տարիներու նմանօրինակ հայեր հրաւիրելու առումով աւելի քաջալերուելու եւ այլ նախաձեռնութիւններու եւս դիմելու:

Չի բաւեր հպարտանալ եւ ծափահարել մարդիկը, որոնք դէպի միջազգային հարթակներու վրայ  նուաճումները կատարած են` առանձնապէս իրենց ճիգերով միայն, ընդհանրապէս` առանց փափաքելի լոպիինկի ճիգերու, որոնք կը կատարուին այլ ժողովուրդներու պարագային: Եթէ անոնց վերելքին չենք կրնար նպաստել, գոնէ տէր ըլլանք անոնց, երբ անոնք արդէն բարձր դիրքերու վրայ իրենք զիրենք հաստատած են:

Այս բոլորին անհրաժեշտութիւնը առաւել եւս կը շեշտուի, երբ յիշենք, որ Արա Մալիքեանի նուագահանդէսին ատեն միջազգային ջութակահարը շատ նուրբ քարոզչական նրբերանգներով կրցաւ ներկայ հանրութիւնը յուզել, երբ պարզ ոճով եւ իր կեանքի պատմութեան անդրադառնալով, ինքզինք ծանօթացնելով` յիշեց իր մեծ հայրը եւ Ցեղասպանութեան ընթացքին անոր պատահածը, նաեւ, քայլ մը աւելի անդին երթալով, նոյնքան պարզ եւ նուրբ ձեւով, արուեստագէտը ներկայացուց իր ստեղծագործութիւններէն մէկը` յայտնելով, որ զայն նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, ինչպէս նաեւ` այլ ցեղասպանութիւններու: Ասիկա` ազնիւ ու նուրբ ձեւով, հեռու քարոզչականութեան աչք ծակող կոպիտ, լալկան ու մեծամիտ դրսեւորումներէ: Այս կը նշանակէ, որ նման ելոյթներ իրենց երաժշտական պարզ պարունակէն անդին ալ կրնան անցնիլ…

Ուսանելի է, որ մշակութային բարձրորակ ներկայացումներով աշխարհին դիմաց հանդէս գալը հայ մարդու որակական տեսակի դրսեւորումները աւելի ազդեցիկ կրնան ըլլալ միջազգային հանրութեան վրայ, քան` շատ մը ինքնագով ու աժան քարոզարշաւները, որոնք երբեմն համապատասխան որակը չունենալով` չեն դիմանար ժամանակի քաղաքակրթական պահանջներուն եւ կը կորսնցնեն իրենց արժէքը:

Վարձքը կատար` Շարլ Ազնաւուրին, «Բարեկամութիւն» պարախումբին, անոր ղեկավար Նորիկ Մեհրաբեանին եւ, վերջապէս,  լիբանանահայ արուեստագէտ Արա Մալիքեանին եւ անոր նուագախումբին:

 

 

14 Օգոստոս 1896. Պանք Օթոմանի Գրաւման Անժամանցելի Դասերը

0
0

14 Օգոստոսին, Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաք Կոնստանդնուպոլիսը թատերաբեմ դարձաւ քաղաքական ահաբեկչութիւններու պատմութեան մէջ աննախադէպ գործողութեան մը։

1896ի Օգոստոս 14ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէի որոշումով եւ Բաբգէն Սիւնիի ղեկավարութեամբ գործադրուեցաւ օսմանեան կայսերական դրամատան Պանք Օթոմանի գրաւման յանդուգն ծրագիրը։

Ոչ միայն Օսմանեան Կայսրութեան ելեւմտական կեանքին մայր երակը, այլեւ եւրոպական դրամագլուխներու ու գործառնութեանց դրամական–տնտեսական գլխաւոր կեդրոններէն էր Պանք Օթոմանը։ Յատկապէս ֆրանսական եւ բրիտանական դրամագլուխներու արիւնատար երակն էր Արեւելքի մէջ։ Շուրջ երկու հարիւր պաշտօնեայ հաշուող դրամատան անձնակազմն ու վարչական ղեկավարութիւնը առաւելաբար եւրոպացիներ էին։ Իբրեւ այդպիսին՝ ապահովական լուրջ հսկողութեան տակ կը պահուէր Պանք Օթոմանը։

Հետեւաբար, կրկնակիօրէն յանդուգն էր Դաշնակութեան նետած քայլը։ Յանդուգն էր նախ Եւրոպան ցնցելու առումով, ապա նաեւ օսմանեան պետութեան խոցելիութիւնն ու ապիկարութիւնը մերկացնելու իմաստով։

Յանդգնութեան նման նախադէպ ծանօթ չէր յեղափոխական շարժումներու պատմութեան մէջ։ Առաջին անգամ ըլլալով՝ բռնակալութեան դէմ պայքարող յեղափոխական շարժում մը իր հարուածը կ՚ուղղէր իշխանաւոր ուժին տնտեսական եւ ելեւմտական հիմերուն, կռուաններուն ու կենսական շահերուն դէմ։

Պանք Օթոմանի գրաւման գաղափարին հեղինակն ու անոր իրագործման կազմակերպչական ծրագիրը յղացողը 23ամեայ Բաբգէն Սիւնին էր, որուն անունը նոյնացաւ Պանք Օթոմանին հետ նաեւ եղերականօրէն, որովհետեւ գրաւման կազմակերպիչն ու ղեկավարը գործողութեան առաջին իսկ փուլին նահատակուեցաւ…

Աւելի քան 11 տասնամեակ անցած է Պանք Օթոմանի գործողութենէն ասդին եւ ինչպէս հայ ազգային–ազատագրական շարժման գլխաւոր բոլոր քայլերուն շուրջ, այնպէս եւ մանաւանդ Օսմանեան Դրամատան գրոհին ազգային–քաղաքական եւ գաղափարական–բարոյական արժեւորման վերաբերեալ դեռ միասնական գնահատումի չէ յանգած հայ քաղաքական միտքը։
Հայ ժողովուրդի իրերայաջորդ չորս սերունդներու ընկալման մէջ՝ արժեւորման մէկ բեւեռին տիրական եղաւ ու ժամանակի թաւալքին հետ հերոսական իր նշանակութիւնը շեշտեց եւ նոր սխրանքներու ներշնչման աղբիւր դարձաւ Պանք Օթոմանի գրաւումը, մինչ միւս բեւեռին՝ տարբեր կարգի վերապահումներու եւ արժեզրկման քարոզարշաւներու թիրախի վերածուեցաւ հայու յեղափոխական յանդգնութեան անկրկնելի այս թռիչքը։

Մեր սերունդները «Պանք Օթոման գրաւած է Դաշնակցութեան Կոմիտէն» երգելով գտան եւ արմատաւորեցին հայու իրենց էութիւնն ու ազգային–գաղափարական ինքնահաստատման ուղին։

Բայց մեր կողքին միաժամանակ ապրեցան եւ ամբողջ տասնամեակներ, Պանք Օթոմանի հերոսներուն «Սթամպուլը պիտի լինի արեան ծով» յանդգնութիւնը ծաղրի ու լուտանքի նշաւակ դարձնելով, հայ պահպանողականութեան ստրկամիտ համակերպումի եւ խորհրդային օտարամոլութեան պարտուողական «իրատեսութեան» գաղափարներով սնանեցան սերնդակիցներ։
Նոյնիսկ մեր օրերուն, երբ վերանկախացած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ալեքսանդր Թոփչեանի արժէքով բարձրորակ գրողի «Բանկ Օտոման« վէպը դրուած է սերունդներու յիշողութիւնն ու գաղափարական աշխարհը անցեալի ուրացումներէն մաքրազտելու բագինին, տակաւին կը յամենան արձագանգները հեռաւոր թէ մօտաւոր անցեալի վերապահումներուն եւ թիւր արժեւորումներուն՝ Պանք Օթոմանի նշանակութեան եւ արժէքին, յատկապէս ժամանակի մաշումին չենթարկուող ու այժմէական իր թելադրականութիւնը վերանորոգող դասերուն վերաբերեալ։ Եւ յատկապէս այսօր հայ քաղաքական մտքի պարտքն է Պանք Օթոմանի գրաւումը արժեւորել իր գաղափարական մաքրութեամբ՝ ամէն կարգի ժանգ կապած կեղտերը անցեալի աղբանոցին մէջ թափելով։

Պանք Օթոմանի գրաւման անժամանցելի դասերուն շարքին առաջնահերթաբար յստակացման եւ միասնական գնահատանքի արժանի են գլխաւորները.

Ա.– Միայն վրէժխնդրական քայլ չէր Պանք Օթոմանի գրաւումը։ 1894–1896ի Համիտեան կոտորածներուն երեք հարիւր հազար անմեղ զոհերուն վրէժը լուծելու հրամայականը անշուշտ կար եւ մղիչ ուժն էր Բաբգէն Սիւնիի եւ իր ընկերներուն հերոսական յանդգնութեան։ Վրէժխնդրական քայլ էր նաեւ այն առումով, որ 1896ի գարնան Վանէն հեռացող հայ յեղափոխականներու, դաշնակցական Պետոյի, արմենական Աւետիսեանի եւ հնչակեան Մարտիկի գլխաւորութեամբ աւելի քան երեք հարիւր հայ երիտասարդներու դէմ կատարուած ջարդը (քրտական Մազրիկ ցեղի աշիրաթապետ Շարաֆ պէկի պատասխանատուութեամբ) անպատասխան պէտք չէ մնար։ Բայց վրէժխնդրութեան կողքին գոյութիւն ունէր եւ Պանք Օթոմանի գրաւման գործողութեան կիզակէտը կը կազմէր քաղաքական հատու Ազդարարութիւնը՝ ուղղուած ատենի եւրոպական մեծ տէրութիւններուն եւ Սուլթանի կառավարութեան, որ այդպէս անպատիժ չեն կրնար մսաղացի պէս վարուիլ հայ ժողովուրդին հետ, որուն յեղափոխական Ոգին սանձակոտոր զարթնած էր այլեւս։

Ահա՛ առաջին դասը Պանք Օթոմանի պատմակշիռ քայլին։

Բ.– Հայ ազգային–ազատագրական շարժման էութիւնը եւ յեղափոխական յանդգնութիւնը չեն ըմբռներ բոլոր անոնք, որոնք միայն եւրոպական դիւանագիտութիւնը շարժման մէջ դնելու եւ այսպէս կոչուած հայկական նահանգներու բարենորոգումներու Մայիսեան Ծրագրին շուտափոյթ գործադրութիւնը պահանջելու առաջադրանքով կը փորձեն բացատրել Պանք Օթոմանի գործողութեան քաղաքական նշանակութիւնը։

Անշուշտ որ Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կ.Կոմիտէն նման պահանջով յայտարարութիւն մը յղեր, Պանք Օթոմանի գրաւման պահուն, եւրոպական մեծ տէրութիւններուն եւ Սուլթանի կառավարութեան։ Բայց նոյնինքն յայտարարութիւնը հատու ազդարարութիւն մըն էր բոլորին, որ կոտորածներով կարելի չէ խեղդել յանուն ազատութեան եւ ինքնավարութեան զէնք բարձրացուցած հայ ժողովուրդի յեղափոխական ոգին։ Իբրեւ այդպիսին՝ Պանք Օթոմանի գրոհը ռազմավարական յատուկ նշանակութիւն ունեցաւ։ Հայկական յեղափոխութեան ահաբեկչական զէնքին առջեւ բացաւ նոր հորիզոն՝ Սուլթանի ու եւրոպական տէրութիւններու տնտեսական կենսական շահերուն հարուածելու իր ընդունակութիւնն ու պատրաստակամութիւնը ամրագրելով։

Այս առումով ծանրագոյն անարդարութիւնը կը գործեն Պանք Օթոմանի գրաւումը իբր եւրոպական՝ սիոնական պատուէր ներկայացնելու փորձութեան անձնատուր եղող մերօրեայ հայ հեղինակները, որոնք հայկական յեղափոխութեան հաշւոյն Համիտի հետ »առեւտուր«ի մէջ մտած սիոնական պարագլուխի բանակցութիւններուն եւ Պոլսոյ ռուսական դեսպանատան հրեայ գործակալին դերակատարութեան վերաբերեալ արխիւային բացայայտումները հիմք կը նկատեն եզրակացնելու համար, թէ Պանք Օթոմանի գրաւումը իբր թէ Եւրոպային կողմէ պատուիրուած էր… Բաբգէն Սիւնիներուն։

Ո՛չ եւ հազար անգամ Ո՛չ։

Յետադարձ հայեացքով կարելի է, միշտ ալ, պատմութեան մասին մեկնաբանութիւններ մշակել եւ հիմնաւորումներ յայտնագործել։ Բայց պատմութիւնը միշտ ալ իր ճշգրտումներով մտքի մարզանքի սահմաններուն դատապարտած է նման մեկնաբանութիւնները, այս պարագային՝ Պանք Օթոմանի գործողութեան իբր թէ Եւրոպայի պատուէր ըլլալը։

Գ.– Պանք Օթոմանը մանուկ հայկական յեղափոխութեան հասունացման քայլը եղաւ։ Հայ ժողովուրդի զանգուածային կոտորածներով Հայկական Հարցը թաղելու Սուլթանի քաղաքականութեան հարկ էր աշխարհաքաղաքական հատու պատասխան տալ եւ Պանք Օթոմանը եղաւ յանդուգն սկիզբը հետագայ ծաւալուն գործունէութեան։

Պանք Օթոմանի գործողութեան անժամանցելի այս դասերը նորահաս սերունդներուն լիարժէք փոխանցելու մերօրեայ պարտականութիւնը ունի հայ քաղաքական միտքը։

Յատկապէս ունի պարտականութիւնը ըստ արժանւոյն գնահատելու Պանք Օթոմանի յանդուգն գրոհին հետ նոյնացած Բաբգէն Սիւնիի։

Աւազանի անունով Պետրոս Փարեան՝ Բաբգէն Սիւնի ծնած էր 1873ին, Ակնի Բինկեան գիւղը։ Աղքատ ընտանիքի զաւակ էր, բայց կը սերէր հին ազնուական տոհմէ։ Ուսումնատենչ, ուղղամիտ եւ ծայր աստիճան արդարութեան ու ազատութեան փարած յեղափոխականի նկարագիր եւ աշխարհայեացք ունէր։ Փայլուն արդիւնքով աւարտած էր Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանը‘ արժանանալով թէ՛ ուսուցիչներուն եւ թէ դասընկերներուն անվերապահ գնահատանքին, համարումին ու ամբողջական վստահութեան։

Անհաշտ հակառակորդ էր բռնատիրութեան, յատկապէս թրքական բռնապետութեան, որուն «հոտած լէշ» անունը տուած էր։ Իր կենսագիրներէն Գաբրիէլ Լազեանի վկայութեամբ, ուսանողական տարիքէն արդէն, Բաբգէն Սիւնի գաղափարական հասունութեամբ կը պատգամէր. «Կառավարութիւն մը հանրային իղձերու մարմնացումը եւ անոնց արդար գործադիրը պիտի ըլլայ. բայց այդպէս չեն ըլլար բռնաւորները. ուրեմն հարկ է, որ հասարակութիւնը իր բարի ցանկութիւնները չվստահի այդ տեսակ ապիկարներու, որոնց ձեռքին մէջ ամէն ազնիւ ներշնչում, ուշ կամ կանուխ, մարդախողխող դաշոյնի կը փոխարկուի եւ պատուհաս կը դառնայ խաղաղ ժողովուրդներու»։

Իր տարածած այս գաղափարներուն եւ բողոքի շարժումներուն իր բերած մասնակցութեան համար, Կեդրոնականի նախավերջին տարին, Բաբգէն Սիւնի կը ձերբակալուի եւ կարճ ժամանակ բանտ կը մնայ։ Բայց այդքանն իսկ բաւարար պատրուակ կը ծառայէ, որպէսզի թրքական ընկերութեան մը մէջ աշխատող հօրը գործէ հեռացնեն։ Ընտանիքը աւելիով անձկութեան կը մատնուի, բայց Բաբգէն Սիւնի այդ բոլորէն ընկճուողը չէր։ Ընդհակառակն‘ շարունակ կը շեշտէր, թէ ծնողքին եւ իր ապրած դժուարութիւնները բաժին հանուած էին ամբողջ հայ ժողովուրդին ու հարկ էր պայքարիլ ընդհանուրին համար ի խնդիր հայ ժողովուրդի կեցութեան արմատական բարեփոխումին։

Կեդրոնականը աւարտելէ ետք, կը յաճախէ Պոլսոյ Նաւային վարժարանը (Ազար Գափու)։ Այդ շրջանին է, 1892ի վերջերը, որ նորակազմ Դաշնակցութեան կողմէ Յովհաննէս Եուսուֆեան Պոլիս կու գայ եւ կը ձեռնարկէ դաշնակցական խումբերու կազմութեան։ Բաբգէն Սիւնի արդէն կազմած է «Սիւնիք» անունով իր խումբը՝ ուսանող թէ պանդուխտ հայ երիտասարդներու մասնակցութեամբ։ Ամբողջ խումբով կը միանան Դաշնակցութեան եւ Բաբգէն Սիւնիի համար կը սկսի յեղափոխական կենդանի պայքարի բուռն շրջանը։

Պոլսոյ հայութեան ամէնէն դժուարին ժամանակահատուածին զուգադիպեցաւ Բաբգէն Սիւնիի դաշնակցական գործունէութիւնը։ Որքան վարակիչ կը դառնար հայ յեղափոխական շարժումը, այնքան կատաղի խստութեամբ թափ կ՛առնէր սուլթանի կառավարութեան հակադարձութիւնը, իսկ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանն ու անոր շուրջ բոլորուած յետադիմական ու պահպանողական խաւը ոտքով–գլուխով կը խորասուզուէր Բ. Դրան հաճոյանալու ծառայամտութեան տիղմին մէջ բանադրելով հայ յեղափոխականները, նաեւ ոստիկանութեան մատնելով զանոնք։

Պոլսոյ մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչներ Յովհաննէս Եուսուֆեանի եւ Արշակ Վռամեանի անմիջական գործակիցն ու աջ բազուկը դարձած Բաբգէն Սիւնի, որ արդէն Դաշնակցութեան նորակազմ Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէին գաղափարական ոգին եւ կազմակերպական մղիչ ուժն էր, ստիպուեցաւ միաժամանակ դիմագրաւել թէ՛ կառավարութեան հետապնդումները, թէ՛ պահպանողական շրջանակներու մատնութիւնները։ Խստագոյն հալածանքի՝ ոստիկանական հետապնդումի եւ հայադաւներու մատնութեանց պայմաններուն մէջ, Բաբգէն Սիւնի թրծուեցաւ իբրեւ ընդյատակեայ յեղափոխական գործի մեծ հսկայ։ Զէնք ու զինամթերքի տեղափոխութիւն եւ պահեստաւորում, ռումբերու պատրաստութիւն, նորագիրներու գաղափարական դաստիարակութիւն եւ զինավարժութիւն, կազմակերպական աշխատանքներ եւ ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ քաղաքական զարգացումներուն հետ քայլ պահելու ամէնօրեայ հեւքը կլանեցին անոր առօրեայ կեանքը։

Ամէնէն ծանր բաժինը եղաւ, անշո՛ւշտ, հայանուն լրտեսներու, մատնիչներու եւ ոստիկաններու դէմ պատիժներու որոշումն ու գործադրութիւնը, որոնք կռանեցին Բաբգէն Սիւնիի երկաթեայ կամքն ու յեղափոխական դաժանութիւնը։ Բաբգէն Սիւնի հազիւ քսան տարեկան էր, երբ դաժանագոյն այդ առճակատման պրիսմակէն դիտեց, ճանչցաւ եւ դիմագրաւեց հայութեան բաժին հանուած կեանքի իրականութիւնը։

Ահա՛ այսպիսի պայմաններու մէջ հասունցաւ սուլթանի կառավարութեան ուժեղ հարուած հասցնելու, Կարմիր Սուլթանը զգաստացնելու եւ փարիսեցիութեամբ համակուած Եւրոպան իր պատասխանատուութեանց առջեւ կանգնեցնելու գաղափարը ընդհանրապէս հայ յեղափոխականներուն եւ, մանաւա՛նդ, դաշնակցական առաջին սերունդի գործիչներուն մօտ։
Այդպէ՛ս ձեւաւորուեցաւ, Բաբգէն Սիւնիի մտքին մէջ, Պանք Օթոմանի գրաւման գաղափարը։ Եւ հակառակ անոր, որ սուլթանի կառավարութիւնը կրցած էր աւելի արագ շարժիլ բուն Երկրի մէջ յեղափոխական նախաձեռնութիւնները վիժեցնելու առումով՝ Հ.Յ.Դ. Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէն, Բիւրոյի հետ համախորհուրդ, կանաչ լոյս տուաւ Բաբգէն Սիւնիի ծրագրին։

Դիւրին գործողութիւն չէր, ընդհակառակն հսկայական դժուարութեանց յաղթահարումը պահանջող ծրագիր էր Պանք Օթոմանի գրաւումը։ Բաբգէն Սիւնիի մանրամասն ուսումնասիրուած ծրագրին համաձայն, շուրջ 70 նուիրեալներու մասնակցութիւնը անհրաժեշտ էր, որպէսզի երեք ուղղութիւններով յառաջանար գործողութիւնը։ Դրամատունը գրաւող գլխաւոր խումբի կողքին պիտի գործէին երկու աջակից խումբեր։ Մէկը՝ մեծաթիւ, որ ռումբերով իրարանցում պիտի առաջացնէր դրամատան մերձակայ Սամաթիոյ մէջ, ուր կը գտնուէր բանակին զօրանոցը եւ, մեծ հաւանականութեամբ, կառավարութիւնը հոնկէ պիտի շարժման մէջ դնէր դրամատունը գրաւողներուն դէմ յարձակող իր զօրքը։ Իսկ երկրորդը՝ կապի եւ յարաբերութեան խումբը պիտի ըլլար, որ յանուն դրամատունը գրաւող Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէին, դեսպանատուններուն եւ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հայոց պահանջները պիտի փոխանցէր եւ բանակցութիւնները վարէր։

14 Օգոստոսի կէսօրուան ժամը 1ին, որ գրաւումը սկսելու ժամկէտ ճշդուած էր, միայն 24 յեղափոխական ներկայացած էր։ Բաբգէն Սիւնի իր գլխաւոր օգնականներուն, Արմէն Գարոյի եւ Հրաչ Թիրեաքեանի հետ խորհրդակցաբար, ժամ մը ուշացուց յարձակումը, բայց ճարահատ եղած ուժերով ժամը 2ին անցաւ գրոհի։

Դրամատան մուտքին պահակ ոստիկանները բուռն դիմադրութիւն ցոյց տուին։ Թէեւ սպաննուեցան եւ յարձակող խումբը մտաւ դրամատան շէնքը, բայց յետսապահ դիրք ստանձնած ու խումբի ռումբերուն եւ ուժանակի պայուսակներուն անվտանգ շէնք մուտքին հսկող Բաբգէն Սիւնին, երբ ի վերջոյ իր կարգին կը բարձրանար շէնքի սեմի աստիճաններէն, փամփուշտ ստացաւ եւ ձեռքի ռումբի պայթումին հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ։ Ընկերները կրցան շէնք մտցնել հերոսին կիսամեռ մարմինը եւ փակել դռները, բայց այլեւս փրկութիւն չկար դաշնակցական մեծ հսկային համար։

Մինչեւ Օգոստոս 15ի վաղ առաւօտեան ժամերը Պանք Օթոման մնաց հայ յեղափոխականներու գրաւման տակ։ Արմէն Գարօ եւ Հրաչ միասնաբար ստանձնեցին գրաւման ղեկավարութիւնը։ Դուրսը, Սամաթիոյ խումբը կրցաւ անհրաժշտ ճնշումը գործադրել զօրանոցին վրայ, բայց փաթթոցաւոր ուսանողներու առաջնորդութեամբ կատաղած ամբոխը յարձակեցաւ դրամատան վրայ։ Ռումբերու տարափին տակ ամբողջ մեծ կորուստներ տալով խուճապահար փախուստի դիմեց։ Սկսաւ բանակցութիւններու մաշեցնող փուլը, ուր ռուսական դեսպանատան թարգման Մաքսիմովը հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ՝ մէկ կողմէ Սուլթանի կատաղութիւնը սանձելով, իսկ միւս կողմէ բերանացի խոստումներ տալով դրամատունը գրաւած խումբին, որ եւրոպական պետութիւնները հետամուտ պիտի ըլլան բարեկարգումներու ծրագրի գործադրութեան։

Առանձին քննարկման նիւթ է, անշուշտ, որ ինչո՞ւ Արմէն Գարօ եւ Հրաչ բաւարարուեցան բերանացի այդ խոստումով եւ օդը չհանեցին դրամատունը ինչպէս որ կը սպառնային տարբեր լեզուներով հրապարակուած իրենց յայտարարութեանց մէջ, եթէ ընդառաջում չգտնէր դեսպանութեանց կողմէ բարեկարգումներու ծրագիրը կեանքի կոչելու գրաւոր երաշխիք ստանալու պահանջը։ Նոյնպէս առանձին քննարման նիւթ է նոյնինքն ամբողջ գործողութեան քաղաքական արդիւնաւէտութեան հարցը. որքանո՞վ մեծ տէրութիւնները պատրաստ էին Պոլիսը գրաւելու եւ Սուլթանի իշխանութիւնը փոխարինելու, որովհետեւ միայն այդ քայլով հնարաւոր էր հայկական նահանգներու բարեկարգութեանց ծրագիրը լրջօրէն գործադրել։ Ամէն պարագայի, Պանք Օթոմանի գրաւումը վերջ գտաւ ողջ–առողջ մնացած 17 յեղափոխականներու Պոլսէն ապահով հեռացումով եւ Համիտի վրայ եւրոպական ճնշումով, որպէսզի չդիմէ հակադարձութեանց։

Պանք Օթոմանի գրաւումը ինչպէս օրին, այնպէս ալ հետագային երկար ժամանակ իր ազդեցութիւնը զգալի դարձուց հայոց ազգային–ազատագրական շարժման մակընթացութեան մէջ։
Սուլթանը զգաստացաւ, եւրոպական տէրութիւններու օրակարգին վրայ հայկական բարենորոգումներու պահանջները յաւելեալ այժմէականութիւն ստացան, իսկ Բաբգէն Սիւնիի հերոսական յանդգնութիւնը ներշնչման անսպառ աղբիւր դարձաւ իրերայաջորդ սերունդներու համար։

Ն

Օտոմանեան 121-ամեայ դասը…

0
0

«ԱԼԻՔ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՄԲԱԳԻՐ
ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ

1890 թւականի Սարգիս Կուկունեանի ձախորդ արշաւանքից եւ նոյն թւականի «Գում Գափուի», այնուհետեւ 1895 թ.-ին Հնչակեանների կազմակերպած «Բաբ Ալիի» խաղաղ ցոյցերից յետոյ, Հայ ազատագրական պայքարում մարտավարական փոփոխութիւնն այլեւս անհրաժեշտութիւն էր:
Ազատագրական պայքարի խաղաղ ու պաշտպանողական կեցւածքները փոխարինւեցին յարձակողական-աննախադէպ քայլերով, որոնց խիզախ ու շշմեցուցիչ մեկնարկային օրինակը հանդիսացաւ 1896 թւականի օգոստոսի 14-ին Ստամբուլի (Պոլիս) Օտոմանեան բանկի գրաւումը…

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ

Խիզախութեան ու սխրագործութեան դասից բացի, Հայ ազատագրական պայքարը, յանձինս Բանկ Օտոմանի գրաւման, սերտեց ու միաժամանակ վերապրեց այն փորձառութիւնը, որն դեռեւս, քիչ թէ շատ սերտել էր Սան Ստեֆանոյի (1878) ու Բեռլինի (1878) վեհաժողովներից ի վեր, որոնցով ճաշակել էր Եւրոպական «դիպլոմատ հրէշներից»…, որոնք ժպտադէմ ու փափուկ լեզւով մշտապէս փորձել են արդարացնել ինչպէս Համիդեան, այնպէս էլ եւ հետագային՝ երիտթուրքական կոտորածներն ու … Հայոց Մեծ Եղեռնը:

….Բանկ Օտոմանների ու Խանասորների փորձառութիւնները, սակայն, հետագային, թէկուզ ծանրակշիռ գներով, բայցեւ արդիւնաւորւեցին Հայկական կամաւորական ջոկատներով ու գունդերով, որոնք էլ ազատագրական երեսնամեայ պայքարը պսակեցին Սարդարապատեան փառաւոր յաղթանակներով, ընդհուպ՝ անկախ պետականութեան անկրկնելի նւաճմամբ…:

Յ. Գ.
Ի յուշ՝ պատմութիւնն լաւ չսերտած, կամ «սերտելով» հանդերձ՝ նենգափոխողներին.-
Հայկական կոտորածներն ու ջարդերը կազմակերպւել են ու պատահել են դեռ «բանկ օտոմաններից» ու «խանասորներից» շատ առաջ. այնպէս որ՝ պատճառ-հետեւանքային աճպարարութիւններով այլեւս հնարաւոր չէ պատմական իրողութիւնները ծուռ հայելիներում արտացոլելով՝ մոլորեցնել հանրութեանը…:

 

Viewing all 12047 articles
Browse latest View live