Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Այլեւս հաստատուած իրողութիւն է, որ ժամանակակից պատերազմները կը մղուին ռազմական զէնքերով եւ լրատու միջոցներով: Եթէ զէնքերն ու ռումբերը կեանքեր կը խլեն, քանդումներ կը պատճառեն, լրատու եւ քարոզչական միջոցները ուղեղներ կը լուան, հոգիներ կը խաթարեն: Վարձկան զինուորներու նման, որոնք առաջին դասալիքները կ՛ըլլան, կան վարձկան լրագրողներ եւ քաղաքական «մեկնաբաններ», նոյնիսկ` գործիչներ, որոնցմէ (այս պարագային) ազրպէյճանական ձկնկիթի եւ քարիւղի հոտ կու գայ: Բարեբախտաբար միշտ պիտի ըլլան այնպիսիներ, որոնք իրենց գրիչներն ու խիղճերը աւելի արժէքաւոր պիտի նկատեն այդ գարշահոտութենէն: Ստորեւ կը ներկայացնենք բաւական պարկեշտ տեղեկատուութենէ հատուածներ:
«Տը Հաֆինկթոն Փոսթ» (Տէյվիտ Ֆիլիփս եւ Վան Գրիգորեան)
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ նոր բռնկումը բազմաթիւ մարդոց կեանքերը խլեց: Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա պէտք է աւելի գործօն դարձնեն իրենց միջնորդութիւնը: Բանակցային հոլովոյթին պէտք է ներառուին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները: Միացեալ Նահանգներու օրէնքը կը նախատեսէ պատժամիջոցներ կիրարկել Ազրպէյճանի նկատմամբ, եթէ այդ երկիրը թշնամական գործողութիւններու դիմէ: Օպամայի վարչակազմը պէտք է կիրարկէ Ազատութեան աջակցութեան մասին օրէնքի 907-րդ յօդուածը, որով տնտեսական եւ դիւանագիտական պատժամիջոցներ պէտք է կիրարկուին Ազրպէյճանի նկատմամբ` զսպելու անոր յարձակումները:
Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը 1991 թուականին հանրաքուէ իրականացուցած է, որուն արդիւնքով քրիստոնեայ հայերը քուէարկած են իսլամական Ազրպէյճանէն անկախանալու ի նպաստ: Դեռ 1992 թուականին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ ստորագրած էր Ազատութեան աջակցութեան մասին օրէնքի 907-րդ յօդուածը, որ կ՛արգիլէ օգնութիւն տրամադրել Ազրպէյճանին, եթէ այդ երկիրը ռազմական գործողութիւններ կ՛իրականացնէ ընդդէմ Հայաստանի կամ Լեռնային Ղարաբաղի: Հակամարտութեան ամէնէն սկիզբէն ի վեր Միացեալ Նահանգներու ղեկավար վարչակարգը խնդիրը խաղաղ, բանակցային ճամբով լուծելու յանձնառութիւն ստանձնած է:
«Սառած հակամարտութեան մէջ» լարուածութիւնը վերջին տարիներուն կ՛աւելնայ: Միջազգային հանրութեան կրաւորականութիւնը կը քաջալերէ Ազրպէյճանը` դիմելու նոր յարձակումներու: Երկիրը վերջին շրջանին 4 միլիառ տոլար ծախսած է Ռուսիայէն զէնք գնելու, եւ նոյն այդ զէնքերը օգտագործուած են Արցախի դէմ վերջին յարձակումներուն ժամանակ:
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճան իր սանձարձակութիւններուն ժամանակ առանձին չէ եղած: Ականատեսներու վկայութիւններով, իրանեան սահմանին թրքական ուժեր եւ զինուորական սարքեր եղած են: Իսկ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շտապած է յայտարարելու, որ իրենք կ՛աջակցին Ազրպէյճանին, քանի տակաւին այդ երկիրը «չէ վերատիրացած Լեռնային Ղարաբաղին»:
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր իշխանութիւնը պահպանելու համար կը յենի քարիւղի վաճառքին, խաւիարային դիւանագիտութեան եւ հիմնարար ազատութիւններու նկատմամբ իշխանութեան ճնշումներուն վրայ: Քարիւղի սակերու վերջին անկումէն ետք Ազրպէյճանի տնտեսութիւնը եւս անկում կ՛ապրի, իսկ ազգային դրամանիշը արժեզրկուած է: Երկրի քաղաքացիական հասարակութիւնը կը շարունակէ ընդդիմանալ լրագրողներու եւ իրաւապաշտպաններու նկատմամբ վարչակարգի ոտնձգութիւններուն դէմ: Հայաստանի հետ, թէկուզ` կարճատեւ, պատերազմի հրահրումը նպատակ ունի ազրպէյճանցիներուն ուշադրութիւնը շեղել վարչակարգի խախտումներէն եւ տնտեսական անապահովութենէն: Փաստ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը զինեալ լուծում չի կրնար ունենալ: Մինսքի խումբը պէտք է վերականգնէ բանակցային լիակատար ձեւաչափը` Լեռնային Ղարաբաղը դարձնելով քաղաքական բանակցութիւններու մասնակիցը:
«Էն Թի.Վի.» (Գերմանիա, Վոլֆրամ Վայմեր)
Բռնապետ Ալիեւ. պատերազմ հրահրած Էրտողանի նմանակը
Ազրպէյճանի մէջ իշխող բռնապետ Ալիեւ քրիստոնեայ Հայաստանի դէմ պատերազմ սկսած է: Ճանկերը ցուցադրելուն զայն ոգեւորած եւ հրահրած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան: Ազրպէյճանի նախագահը, որ նաւթային կայսրութեան ղեկավար, փտած քրէական «կանկսթեր» եւ կուսակցապետի խառնուրդ մըն է, ռազմական յարձակողապաշտութիւն դրսեւորած է Հայաստանի դէմ` սահմանային մարտեր սկսելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ: Ալիեւի մոլուցքը կը սաստկանայ, իսկ անոր զինուորներուն դաժանութիւնը կ՛աճի: Ակներեւ է, որ բռնապետը բացայայտ պատերազմ կը փնտռէ:
Ազրպէյճան ինչո՞ւ ճիշդ այս պահուն որոշեց յարձակիլ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ: Հայաստան Ալիեւի համար ցանկալի արտաքին թշնամի է, քանի որ Ալիեւ սեփական երկրին մէջ միշտ ընդվզումներու կը բախի: Քարիւղի գիներու կտրուկ անկումը սասանած է անոր իշխանութեան փտած հիմքերը: Մինչեւ հիմա Ալիեւ կը յաջողէր ներքին խնդիրները հանդարտեցնել նաւթատոլարներու միջոցով: Բայց հիմա այդ քաղաքականութիւնը կը տապալի: Ալիեւ կը վախնայ յեղաշրջումէն: Այդ պատճառով ան կը փորձէ ներքին խնդիրները լուծել Հայաստանի դէմ պատերազմի միջոցով, ճիշդ ատոր համար ալ խախտած է 1994-էն գործող զինադադարը: Ան կ՛ուզէ քրիստոնեայ Հայաստանը քաւութեան նոխազ դարձնել: Թուրքիա հրահրած է Ալիեւը` ցուցադրելու ճանկերը: Այս ռազմավարութիւնը մեզի արդէն ծանօթ է Թուրքիայէն: Երկու «թագաւորիկները» յայտարարած են, որ իրարու զինակիցներ եւ պատերազմի դաշնակիցներ են: Իսկ Հայաստանի համար ատիկա կը նշանակէ երկու յարձակողապաշտ պետութիւններու կողմէ շրջափակման մէջ յայտնուիլ:
«Նասընըլ Փոսթ». Լեռնային Ղարաբաղը 21-րդ դարու գերազանց
խառնաշփոթ մը եւս` հեռու գացող հետեւանքներով
Ազրպէյճանական կողմը յատուկ վերասպառազինուած էր Լեռնային Ղարաբաղը գրաւելու համար: Ազրպէյճանցիներու եւ հայերու պատերազմը Լեռնային Ղարաբաղի համար սկսած է 1992-1994 թուականներուն: Հիմա հակամարտութիւն բորբոքած է Սուրիայէն եւ Իրաքէն ոչ հեռու: Այս անորոշ ու անլուծելի մարտերու երկրորդ փուլը սկսաւ անցեալ շաբաթ, Ազրպէյճանի յարձակումով, որուն նպատակն էր վերադարձնել կորսնցուցած տարածքին մէկ մասը: Յետխորհրդային բազմաթիւ «սառած» հակամարտութիւններէն մէկուն մէջ ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը կրնայ յանգեցնել նոր պատերազմի:
Ազրպէյճան յայտարարեց, որ պատրաստ է յարձակելու Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի վրայ: Հաւանական է` յիշելով դաժան կոտորածներն ու ազգային զտումները, որոնք տեղի ունեցած են տարիներ առաջ. երեքշաբթի կողմերը յայտարարեցին զինադադարի մասին:
Ինծի համար գաղտնիք կը մնայ, թէ հայերը ինչպէ՞ս կրցան համոզիչ յաղթանակ տանիլ յետխորհրդային ժամանակաշրջանին մէջ: Ազրպէյճանցիները թիւով աւելի քան երեք անգամ կը գերազանցէին զանոնք: Ազրպէյճանցիները նաեւ շատ քարիւղ ունէին: Դէպի ծով ելք չունենալով` հայերը վատ վիճակի մէջ էին: Տասնամեակներ շարունակ քարիւղատարներու բարձր գիներու ու Մոսկուայի հետ հարստութիւնը կիսելու անհրաժեշտութեան վերացման պայմաններուն մէջ ազրպէյճանցիները վերասպառազինուած էին` յատուկ Լեռնային Ղարաբաղը ետ առնելու համար: Թուրքիա, որ տասնամեակներ շարունակ այս շրջանին մէջ շահեր ունէր, ամուր կանգնած է թրքալեզու Ազրպէյճանի կողքին: Մոսկուան երկու կողմին ալ զէնք վաճառած է: Իրան եւ Վրաստան նոյնպէս հետաքրքրուած են այս իրավիճակով` իւրաքանչիւրը իր շահերէն մեկնելով:
Պաքուի մէջ ապրող քանի մը հարիւր հազար հայեր 1990-ականներուն ստիպուած եղան լքել իրենց տուները: Նկատի առնելով Սուրիոյ հարցին մէջ Մոսկուայի եւ Անգարայի տարակարծութիւնները, թուրքերու եւ քիւրտերու դիմակայութիւնը հիւսիսային Սուրիոյ եւ հարաւային Թուրքիոյ մէջ, նաեւ այն, որ «Իսլամական պետութիւն»-ը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ կը կռուի գրեթէ բոլորին դէմ, Լեռնային Ղարաբաղը 21-րդ դարու գերազանց խառնաշփոթ մը եւս է, որուն հետեւանքները կրնան ատոր փխրուն սահմաններէն շատ հեռու տարածուիլ:
«Ֆրանքֆորթըր Ալճեմայն». Ազրպէյճան աւելի շատ հիմքեր ունէր
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լարուածութիւն հրահրելու համար.
2003-ին հօրմէն իշխանութիւնը ժառանգած Իլհամ Ալիեւ կը բացառէ թիւ մէկ ոխերիմ թշնամիին հետ հաշտուելու գաղափարը եւ միշտ ալ կը կրկնէր այդ տարածքները ետ բերելու իր մտադրութիւնը: Անոր վարչակարգի քննադատները, որոնք հաշտութեան կողմնակիցներ են, ցուցադրական դատական հոլովոյթներու մէջ մեղաւոր ճանչցուած եւ բանտարկուած են: Քարիւղի գիներու անկման պատճառով փլուզուող տնտեսութեան վրայ կանգնած Ազրպէյճանի մէջ վերջին ներքին լարումները, ընկերային բողոքները կը ճնշուէին ծանր բռունցքով: Եւ ռազմական յարձակումը այդ առումով փորձ էր ժողովուրդը համախմբելու իր վարչակարգին շուրջը: Սակայն ատոր կը հակադրուի այն փաստը, որ հակամարտութեան մէջ արագ յաղթանակը` այսպէս կոչուած «պլից-քրիկը», ռազմական առումով Ալիեւի համար ուղղակի անկարելի է: Բան մը, որ ան արդէն պէտք էր հասկցած ըլլար:
«Պլումպըրկ». Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի սրումը կրնայ
հարուածել ազրպէյճանական քարիւղի արտադրութիւնը
Ազրպէյճանցիներու եւ հայերու յարաբերութիւններուն մէջ բռնութեան սրումը անմիջական վտանգ կը պարունակէ Կասպից ծովը եւրոպական շուկաներու հետ կապող առանցքային խողովակաշարերու համար` կը յայտնեն Լոնտոնէն եւ Ուաշինկթընէն մեկնաբաններ:
Լոնտոնեան «Սի.Էմ.Սի.» առեւտրական ընկերութեան վերլուծաբան Մայքլ Հիւսընի կարծիքով, շուկաներուն մէջ ոչ մէկ յաւելեալ վտանգ կար Կասպից ծովէն Միջերկրական մատակարարումներու կապուած, լուսարձակի տակ կը մնար մատակարարումներու համաշխարհային աւելցուկը: Մարտերը մտահոգութիւն յառաջացուցին, որ հակամարտութիւնը կը տարածուի Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ սահմանակից շրջանին մէջ: «Պրիթիշ փեթրոլիում» ընկերութեան ղեկավարած ստորգետնեայ նաւթատարը, որուն միջոցով Պաքուէն թրքական Ճէյհան օրական 720 հազար տակառ քարիւղ կը մատակարարուէր, կ՛անցնի հակամարտութեան գօտիէն շուրջ 30 մղոն հեռաւորութեամբ: 45 միլիառ տոլար արժողութեամբ հարաւային կազային միջանցքը, որ շինարարութեան աւարտէն ետք ազրպէյճանական բնական կազը Եւրոպա պիտի հասցնէ, կը գտնուի նոյն հեռաւորութեամբ: Մարտերը կրնան լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու վերածուիլ Կովկասեան լեռներուն վրայ, Ռուսիոյ հետ սահմանի երկայնքով անկայունութեան նոր աղեղի, որ ինկած է Լեռնային Ղարաբաղէն դէպի հիւսիս եւ արեւմուտք: «Ռուսիոյ դաշնակից Հայաստանի եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ հետ ամուր կապեր ունեցող Ազրպէյճանի միջեւ պայքարը կը յանգեցնէ շրջանին մէջ մեծ ցնցումներու:
Խողովակաշարերն ու հաւանական խափանումները տակաւին մեծ կարեւորութիւն ունին պատերազմող կողմերուն համար: ԼՂՀ-ի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան յայտարարած է, որ որեւէ նոր պատերազմի պարագային առաջին թիրախներէն մէկը կը դառնայ նաւթատար խողովակաշարը: Անցեալ տարի Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ատեն ան ընդգծեց. «Ատիկա շատ կարեւոր դրամական աղբիւր է Ազրպէյճանի համար, եւ մենք պէտք է զայն զրկենք այդ միջոցներէն»:
«Պրիթիշ փեթրոլիում» ընկերութեան ներկայացուցիչը 6 ապրիլին յայտարարեց, որ բախումները չեն ազդած խողովակաշարի աշխատանքին վրայ: Վերլուծաբան Ֆիլիփ Կլատեկ իր կարգին կարծիք յայտնած է, որ ռազմավարական նշանակութեան պատճառով խողովակաշարերը միշտ յարձակումներու թիրախ կը դառնան: «Նկատի առնելով Ճէյհանի հետ «Պրիթիշ փեթրոլիում» ընկերութեան կապը` որեւէ խախտում կը հարուածէ ազրպէյճանական քարիւղի արտահանումը եւ եւրոպական վերամշակողներու գործունէութիւնը, յատկապէս` Միջերկրական ծովու ուղղութեամբ», աւելցուցած է Կլատեկ:
«Տը Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ». Ազրպէյճան շատոնց
կը սպառնար Ղարաբաղը գրաւել
Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետի մամլոյ քարտուղար Արտակ Բեկլարեան կը նշէ, որ կրակը երկու կողմէն ալ դադրած է` հակառակ զինադադարի մասին պաշտօնական համաձայնութեան բացակայութեան: «Այս պահուն ոչ մէկ գրաւոր համաձայնագիր կայ», ըսած է ան:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ կրակոցներ կը լսուին: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին կը նշէ, որ երեքշաբթի (5 ապրիլ) մարտական գործողութիւնները դադրած են: Լեռնային Ղարաբաղի հարաւային հատուածին մէջ` Հադրութ քաղաքի մօտ ճակատային գօտիին երկայնքին տեղակայուած հայ զինուորականները յայտարարած են, որ իրենց տարածքին մէջ 5 ապրիլի օրուան կէսէն խաղաղ եղած է:
Մէկ ապրիլին սկսած մարտերը տասնեակ կեանքեր խլած են: Ազրպէյճան շատոնց կը սպառնար կրկին գրաւել Ղարաբաղը, որուն վրայ իր հսկողութիւնը կորսնցուցած է Հայաստանի հետ վեց տարուան ռազմական գործողութիւններէ ետք: Գործողութիւններ, որոնք սկսան Խորհրդային Միութեան գոյութեան վերջին տարիներուն: Ռուսիոյ միջնորդութեամբ 1994-ին կնքուած զինադադարի մասին համաձայնագիրը սառեցուց հակամարտութիւնը սահմանի երկայնքով, որ յայտնի է իբրեւ երկու կողմերու միջեւ սահմանագիծ: Կողմերը այդպէս ալ խաղաղութեան համաձայնագիր չստորագրեցին:
Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի բակերէն մէկուն մէջ շուրջ 200 մարդ հաւաքուած էր` վերջին հրաժեշտը տալու Մասիս Թովմասեանին` տեղացի կամաւորական, որ զոհուած է վերջին կռիւներուն ընթացքին: Ընկերներն ու դրացիները ծաղիկներ խոնարհեցին, հոգեւորականները ընտանիքի բնակարանին մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն ըրին: Տղամարդիկ դագաղը բակ տարին եւ դրին գորգով ծածկուած սեղանին վրայ: Զինուորական նուագախումբը սգոյ երաժշտութիւն կը նուագէր: «Ասիկա այնպիսի ցաւ է, այնպիսի ցաւ… Չեմ գիտեր, արդեօ՞ք ոեւէ մէկը կրնայ հասկնալ այն ցաւը, որ մեր երկու զաւակները ստիպուած պիտի ըլլան կրելու իրենց ամբողջ կեանքին մէջ», ըսաւ զոհուած Մասիսի այրին` Եւան:
Վիրաւորները կը շարունակէին բերել Ստեփանակերտի կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց, մինչեւ երկու կողմերը դադրեցուցին կրակը: Հրետանաւորներու երիտասարդ սպան պատմեց, որ իր ստորաբաժանումը թիկունքին էր, երբ իրենց վրայ սկսան կրակել ականանետով: Պայթումի պատճառով ան կորսնցուցած էր ձախ ոտքը: Մարտակերտէն հեռու գտնուող Ներքին Հորաթաղ գիւղի բնակիչ Ալեքսէյ Գրիգորեանը պատմեց, որ իր ընտանիքը ապաստանած է մօրաքրոջ տունը: Պարոն Գրիգորեան մինչեւ հիմա, անտեսելով վտանգը, ամէն օր կ՛երթայ իր տունը, որպէսզի կերակրէ հաւերը: «Ո՛չ ամերիկացիները, ո՛չ ալ ռուսերը այս հակամարտութեան էութիւնը կը հասկնան», կը գանգատի ան:
«Սքայ Թի.Ճի.24» (Իտալիա). Ազրպէյճանական ուժերը
այստեղ փորձած են ճեղքել
Իտալական «Սքայ Թի.Ճի.24» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդում պատրաստած եւ սփռած է Լեռնային Ղարաբաղի մարտական դիրքերէն: Իտալացի լրագրողը հայ զինուորներու ուղեկցութեամբ բեռնատարով մեկնած է առաջին գիծ եւ ներկայացուցած, որ ճիշդ այդ տարածքին մէջ ընթացած են կռիւները: «Այստեղ ազրպէյճանական ուժերը փորձած են ճեղքել եւ թափանցել դէպի Լեռնային Ղարաբաղի տարածքի խորքերը», նշած է լրագրողը, որուն ուղեկցող զինուորներէն մէկը կը բացատրէ, որ ճամբան, որով կ՛ընթանան, փորուած է մօտակայքը գտնուող ազրպէյճանցիներու հրթիռներէն եւ թնդանօթներէն պաշտպանուելու համար:
Արդէն դիրքերուն մէջ իտալացի լրագրողին յայտնած են, թէ հակառակորդը ուր կը գտնուի, եւ թէ` պէտք է պահպանել անվտանգութեան կանոնները, որովհետեւ դիմացը Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու արձակազէններն են: Նշած են նաեւ, որ մօտակայքի դաշտերը ականապատուած են: Ըստ լրագրողին, ազրպէյճանցիները կը գտնուին 150 մեթր հեռաւորութեան վրայ, եւ անհրաժեշտ է խօսիլ ցած ձայնով, իսկ դիմացը տեսնելու համար պէտք է նայիլ յատուկ դիտման համար պատրաստուած անցքի մէջէն, այն ալ` միայն քանի մը երկվայրկեան, որովհետեւ հնարաւոր է գլխուն կրակոց ստանալ:
Իտալացի լրագրողը հետաքրքրուած է, թէ ինչո՞ւ համար են պահածոյի ժանգոտ տուփերը, որոնք կան խրամատներու երկայնքին, եւ անոր բացատրած են, որ եթէ հակառակորդը յառաջանայ, այդ տուփերը ձայն կը հանեն եւ կը զգուշացնեն վտանգի մասին: Լրագրողին ուղեկցող զինուորականը պատմած է, թէ ինչպէս ազրպէյճանցիները օրեր առաջ յարձակած են իրենց դիրքերուն վրայ, եւ թէ իրենք ինչպէս ետ մղած են զանոնք: «Մենք կը կրակենք միայն պաշտպանուելու համար, երբէք չենք յարձակիր», ըսած է ան:
«Լը Մոնտ». (Պենուա Վիթքին). Լեռնային Ղարաբաղը`
մնայուն պատերազմական իրավիճակի մէջ
Լեռնային Ղարաբաղի պատմութեան թանգարանի տնօրէնին խօսքով, մարդոց կը թուէր, թէ 1994 թուականի զինադադարէն ետք խաղաղութիւնը յարատեւ կ՛ըլլայ, մինչդեռ մարդիկ սխալած են: Թալիշը միշտ ալ եղած է ճակատային գիծ: 1994 թուականի զինադադարէն ի վեր այդ բնակավայրը կրակոցներու թիրախ էր: Հայաբնակ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի մաս դարձաւ Ստալինի թեթեւ ձեռքով: Մինսքի խումբը այդպէս ալ չկրցաւ դիւանագիտական լուծում գտնել: Ազրպէյճանի յարձակման նպատակները տակաւին յայտնի չեն, Պաքուն կա՛մ փորձած է շօշափել Ղարաբաղի պաշտպանունակութիւնը, կա՛մ աշխարհին յիշեցնել մոռցուած հակամարտութեան մասին, կա՛մ ալ, գուցէ, Թուրքիոյ օգնութեամբ, խախտած` շրջանին մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը: Լեռնային Ղարաբաղը կարելի է համարել կովկասեան Սպարտա: Ազրպէյճանական զինեալ ուժերու յարձակման առաջին ժամերէն առաջին գիծ կը մեկնէին հարիւրաւոր կամաւորներ` հայրեր ու որդիներ, թէեւ նման քանակութեամբ զինուորներու կարիք չէր զգացուեր: Ազրպէյճան յարձակելէ երկու օր ետք յայտարարեց, թէ երեք «բարձունք» գրաւած է:
«Լեռնային Ղարաբաղի բանակի անձնակազմի թիւը ռազմական գաղտնիք է` 150 հազար մարդ (այլ խօսքով` հանրապետութեան ամբողջ բնակչութիւնը)», կը կատակեն տեղացիները:
Լեռնային Ղարաբաղ կը ձգտի միջազգային ճանաչման: 2003 թուականին հանրապետութիւնը չեղեալ յայտարարեց մահապատիժի մասին օրէնքը: Փտածութիւնը այստեղ շատ աւելի նուազ է, քան` դրացի երկիրներուն մէջ: Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական գործիչները հիմնականին մէջ պատերազմի մասնակիցներ են, որոնք միաժամանակ նաեւ գործարարութեամբ կը զբաղին: Տարիներու ընթացքին Ղարաբաղի մէջ չձեւաւորուեցան իրական ընդդիմադիր ուժեր: Ազրպէյճանական վերջին յարձակումներէն ետք, այդուհանդերձ, քննադատութիւններ կը լսուին: Ազրպէյճանի զինանոցի լոյսին տակ Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը ետ կը մնան: Մարդիկ կասկածի տակ կը դնեն Երեւանի եւ Մոսկուայի միութիւնը, քանի որ Մոսկուան Ազրպէյճանը կը զինէ եւ մտադիր է պաշտպանել իր գործընկերը: Քննադատութիւնը կը լսուի յատկապէս ղարաբաղեան հանրութեան մէջ:
«Պի.Պի.Սի.» «Մենք Կը Կռուինք
Մեր Հողին Համար». Հայ Զինուոր
Բրիտանական հեղինակաւոր «Պի.Պի.Սի.»-ն հարցազրոյց մը ունեցած է առաջին գիծի վրայ ծառայող հայ զինուորի մը` Վլատիմիր Արմանի Մկրտչեանին հետ: «Բանակ զօրակոչուած եմ երկու ամիս առաջ, իսկ դիրքերուն վրայ եմ արդէն մօտ շաբաթէ մը: Այնպէս պատահեցաւ, որ իմ` դիրքեր բարձրանալու առաջին իսկ պահուն, մենք թնդանօթի` «հաուպից»-ի վրայ էինք: Ես նշանառու եմ: Ինծի կու տան նշանաթիւ, անկիւնաչափ, եւ մենք կը կրակենք ճիշդ այդ տուեալներով: Ազրպէյճանական կողմէ յարձակման առաջին օրը մենք թնդանօթներու մօտն էինք, վարժանքներ կ՛ընէինք: Մեզմէ քիչ մը հեռու արկ ինկաւ. բնականաբար քանի մը վայրկեան խուճապի մէջ էինք, յետոյ հաւաքուեցանք: Մեզի հրաման տուին, որ մենք ալ կրակենք: Պատերազմական գործողութիւններու ժամանակ կը զգաս քու վրադ ինկած պատասխանատուութիւնը: Օրինակ, կրնաս փոքր շեղում տալ, եւ ատիկա արդէն 10-15 քմ շեղում կ՛ըլլայ: Այսինքն քու փոքր սխալիդ պատճառով կրնաս արկը նետել ճիշդ քու դիրքերուդ վրայ»:
Զինուորը ներկայացուցած է այն վայրը, ուր կը մնան, վառարանը, որով կը տաքնան, եւ որ ատիկա իրենց փրկութիւնն է, քանի որ գիշերները շատ ցուրտ կ՛ըլլայ: Մկրտչեան կը փաստէ, որ գիշերները չեն հասնիր քնանալու, քանի որ իւրաքանչիւր երկու ժամը մէկ հերթափոխութիւն կ՛ընեն: «Անշուշտ, մեր դիմաց մեզի նման, մեզի տարեկից զինուորներ կանգնած են: Անոնք ալ մեզի պէս մարդիկ են, սակայն պատերազմի ժամանակ կան բաներ, որոնց մասին չես ուզեր մտածել, ուղղակի հրաման կը կատարես, որովհետեւ գիտես, որ այդ պահուն ատիկա է ճիշդը: Ինծի համար տարբերութիւն չկայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանչցուած հանրապետութիւն չէ: Մենք կը կռուինք մեր հողին համար», եզրափակած է ան:
Կովկասեան Լեռներու Անտառածածկ Սրտին Մէջ.
«Նիուզուիք» Աշխարհին Ներկայացուցած Է Արցախը
Ամերիկեան հեղինակաւոր «Նիուզուիք» պարբերականը 12 ապրիլին բաւական լայնածաւալ յօդուած մը հրապարակած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վերաբերեալ:
«Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ «Նիուզուիք» փորձած է Արցախ աշխարհը ներկայացնել իր միլիոններու հասնող լսարանին: Յօդուածին ուշադրութեան կեդրոնը եղած են Արցախի մէջ ապրող հայ մարդը, քրիստոնեան, դպրոցականը, ուսանողը, երիտասարդը եւ շարքային արցախցին: Բաւական մանրամասնօրէն կը ներկայացուին այն խնդիրները, որոնք ներկայիս առկայ են աշխարհի կողմէ տակաւին չճանչցուած կովկասեան այս երկրամասին մէջ: «Աւելի քան 20 տարի առաջ զէնքերու աղմուկը լռեց Լեռնային Ղարաբաղին մէջ` Կովկասեան լեռներու անտառածածկ սրտին մէջ: Տարիներ տեւած արիւնալի հակամարտութիւնը, որ աւելի քան 30 հազար մարդու կեանքը խլած է, Ազրպէյճանի պետութեան եւ Ղարաբաղին մէջ ցեղային մեծամասնութիւն կազմող հայերու միջեւ կնքուած զինադադարի միջոցով միառժամանակ առկախուած է», այսպէս կը սկսի «Նիուզուիք»-ի յօդուածը` հերոս առ հերոս ներկայացնելով Արցախը:
Յօդուածին մէջ անդրադարձ կատարուած է վերջին օրերուն ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ ուժերու շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած արիւնալի բախումներուն մասին եւ անոնց ազդեցութիւնը` շարքային արցախցիի կեանքին վրայ: Հրապարակումին կից «Նիուուիք»-ը խօսուն ու մեկնաբանուած տասնեակ լուսանկարներով կը ներկայացնէ ժամանակակից Արցախն ու աշխարհի մեծ պետութիւններու կողմէ տակաւին չճանչցուած արցախցիները: