Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Հնգօրեայ Պատերազմ(ները) Եւ Զէնքի Վաճառականը

$
0
0

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Պարզ զուգադիպութեամբ Կովկասի մէջ ռազմական լայնածաւալ բախումներու երկու իրադարձութիւնները, Վրաստան-Ռուսիա` 2008 եւ ապրիլի առաջին շաբաթը` Արցախի արեւելեան ճակատի երկայնքին, որոնք իրաւամբ յատկանշուեցան որպէս «պատերազմ», տեւեցին հինգ օր եւ արդէն ծանօթ են որպէս հնգօրեայ պատերազմներ: Առաջին պարագային, սակայն, կովկասեան տարածաշրջան ռազմաքաղաքական կացութիւնը փոխուեցաւ: Վրաստանի այն ժամանակուան նախագահ Սահակաշվիլիի արկածախնդրութիւնը, որուն դրդապատճառներու յետին ծալքերը այնպէս ալ տակաւին յստակ չեն, սուղ նստաւ երկրին վրայ. Հարաւային Օսեթիայի ուղղութեամբ սկսած վրացական յարձակողականը շատ շուտ կասեցուեցաւ ռուսական ուժերուն կողմէ, որոնք հակայարձակողականի անցնելով` մտան վրացական տարածք եւ յառաջացան Թիֆլիսի ուղղութեամբ:

Թէ ի՛նչ ուժեր Սահակաշվիլիի այն ատեն վստահեցուցած էին որ Մոսկուայի մարտահրաւէր ուղղելու պարագային պիտի ունենար Արեւմուտքի նեցուկը, ծանօթ չէ. յաջորդ օրերու իրադարձութիւնները եկան ցոյց տալու, որ օրին Ճորճ Պուշի վարչամեքենային մէջ ջղագրգռութիւն կար, ինչ որ նշան էր շատ աւելի անզօրութեան եւ հակազդեցութեան այլընտրանքներու անորոշութեան: Եւրոպական Միութիւնը, սակայն, օրուան նախագահ Սարքոզիի աշխուժ միջամտութեամբ յստակ դարձուց, որ կը բացառէ Ռուսիոյ հետ առճակատման երթալու որեւէ ռիսք: Մոսկուա, իր կարգին, հնգօրեայ պատերազմին իր կայծակնային յաղթանակը շատ շուտով քաղաքական ձեռքբերումի վերածեց. Մետվետեւ-Փութին կառավարութիւնը ի լուր աշխարհին ցոյց տուաւ տարածաշրջանին մէջ իր տիրակալութիւնը, յստակացուց ՕԹԱՆ-ի յառաջընթացի «կարմիր գիծեր»-ը եւ առիթ չկորսնցուց Միացեալ Նահանգներու եւ իր եւրոպացի կարգ մը դաշնակիցներու միակողմանի կերպով նոյն տարուան փետրուարին Քոսովոյի անկախութեան ճանաչման պատասխանը տալու` իր կողմէ միակողմանիօրէն ճանչնալով Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ անկախութիւնները: Թէ որքանո՞վ Մոսկուա անուղղակիօրէն կը փափաքէր այս անհրաժեշտ եւ հաշուարկուած ռիսքով կարճ պատերազմը եւ, հետեւաբար, անոր մղիչ ուժն էր, ինչպէս սադրանքային տրամաբանութեան ամաթէօրները պիտի պնդեն, քննարկելի հարց է:

Յստակ է, որ Մոսկուա պատրաստ էր արագօրէն դիմագրաւելու վրացական յարձակում մը, որովհետեւ իր ուժերը արդէն կուտակած էր ճակատին վրայ եւ ձախողեցուց այն, ինչ կը թուէր ըլլալ վրացական ռազմավարութիւնը` զինուորական յառաջխաղացքը շարունակել առնուազն քառասունութ ժամ, որուն ընթացքին կացութիւն կը փոխուէր տարածաշրջանին մէջ, եւ Թիֆլիսի տարբեր դիրքերէ կրնար բանակցիլ Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ հարցերով: Մէկ խօսքով, Կովկասի առաջին հնգօրեայ պատերազմին Ռուսիա դերակատար էր:

Արցախի արեւելեան ճակատի երկայնքին ազրպէյճանական լայնածաւալ յարձակումը տարբեր գնահատանքի արժանացաւ Մոսկուայի կողմէ, եթէ հետեւինք Մետվետեւի հրապարակային յայտարարութիւններուն: Կացութեան փոփոխութեան հարց չկայ հոս, որովհետեւ որքան ալ որ ծանրակշիռ եւ ահազանգային եղաւ զինադադարէն ի վեր աննախընթաց այս ռազմական բախումը, Կովկասի երկրորդ հնգօրեայ պատերազմը, ի վերջոյ նոյն սթաթիւս քուօն է: Յառաջապահ դիրքերու իրավիճակին մանրամասնութիւնները որքան ալ որ զինուորական իմաստով կարեւորուին, թէ երկուստեք զոհերու քանակը վերջին հաշուով քաղաքական գնահատանք պիտի ստանայ ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ` երկու կողմերու առաջ տարած յարաբերական եւ քարոզչական աշխատանքներու արդիւնքով: Այլ խօսքով, հնգօրեայ պատերազմին շարունակութիւնը պիտի ըլլայ արդէն սկսած քաղաքական պայքարը:

Պատերազմի մասին իր հանրածանօթ ուսումնասիրութեան մէջ փրուսիացի զինուորական Կլաուսեւից պատերազմը բանաձեւած է որպէս քաղաքականութեան շարունակութիւն: Արցախեան պատերազմը այն պարագաներէն է, որ Կլաուսեւիցի բանաձեւումը պէտք է ընկալուի հակառակ իմաստով. քաղաքականութիւնը դեռ չաւարտած պատերազմի շարունակութիւնն է: Կացութիւնը այդպէս ընկալած է Ազրպէյճան, որ շահագրգռուած է սթաթիւս քուօի խախտումով եւ եթէ նման մօտեցում չունենայ նաեւ Հայաստանը, ապա եւ քաղաքական գետնի վրայ տեղի պիտի տայ եւ, յոռեգոյն պարագային, կրնայ եւ օր մը պատերազմը կորսնցնել թէկուզ եւ առանց ոչ մէկ փամփուշտ կրակելու… Այս կը նշանակէ, որ եթէ մէկ կողմէ հայ ժողովուրդը ցոյց տուաւ, որ ի հեճուկս սուլթան Ալիեւի այն համոզումին, որ նման կացութիւններ յուսալքութեան կը տանին, վերապրումի առողջ բնազդով պատրաստ է հայրենիքը պաշտպանելու: Արցախը պահելու կենսական անհրաժեշտութեան գիտակցութիւնը հարցականի տակ չի դրուիր: Բայց նաեւ պետական-քաղաքական շրջանակներու մէջ ալ սթաթիւս քուօի առաւելութիւնը պէտք է այլեւս հարցականի տակ դրուի:

Որքան ալ որ Մոսկուայի դիրքը արցախեան հարցով հարիւր տոկոսով տարբեր է Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ պարագաներէն եւ այդ մասին հրապարակային իր յայտարարութիւնները բարացուցական են: Մոսկուա գիտակի՞ց է սթաթիւս քուօի ռիսքէն: Եթէ Մետվետեւի ափ-աշկարա խոստովանութեան հետեւինք, ապա եւ յստակ կը դառնայ, որ Մոսկուա ոչ միայն գիտակից է այդ ռիսքին, պարզ եւ մեկին` պատերազմական գործողութիւններու վերսկսումին, այլեւ շահագրգռուած է անով, որպէսզի շարունակէ երկու կողմերուն զէնք վաճառել: Այլապէս, ըստ Ռէօթըրզի, ըսած է Ռուսիոյ վարչապետը, Մոսկուա շուկայ կը կորսնցնէ, քանի Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պիտի շարունակեն զէնք գնել ուրիշներէ: Նման պատերազմներն ալ առիթ կ՛ընծայեն, որպէսզի իր նոր զէնքերու որակը փորձարկուի գործնական գետնի վրայ…

Մեքսիքացիները յաճախ գանգատած են, որ իրենց երկրի դժբախտութիւնը Աստուծմէ այնքան հեռու եւ Միացեալ Նահանգներու այնքան մօտ ըլլալն է: Պահ մը մէկ կողմ դնելով Աստծոյ մօտ ըլլալու կամ չըլլալու հարցը, կարծես թէ Հայաստանի համար Ռուսիոյ այսքան մօտ ըլլալը, կամ տասնիններորդ դարէն ի վեր Ռուսիոյ այսքան մօտենալը Հայաստանին նմանօրինակ գնահատանքի պէտք է արժանացնել… Կը մնայ, որ ի տարբերութիւն Մեքսիքայի, որ թերեւս կրնար Միացեալ Նահանգներէն «հեռանալու» համար աւելի համարկուիլ իր լատինամերիկեան շրջապատին հետ, ինչ որ, ի դէպ, ի վերջոյ չըրաւ եւ 1995-ին մաս կազմեց Հիւսիսամերիկեան ազատ առեւտուրի համաձայնագրին, Հայաստանը չունի այն շրջապատը, ուր կրնայ այլընտրանքային ելք տեսնել: Հետեւաբար, թէկուզ եւ լաւ իմանանք, որ ցարերը խորքին մէջ ուզած են Հայաստան մը առանց հայու, որ կոմիսարները չեն վարանած «համաշխարհային յեղափոխութեան» սեղանին զոհաբերել Արցախն ու Նախիջեւանը` առանց դեռ խօսելու Սեւրի դաշնագրին եւ Արեւմտահայաստանին մասին, եւ այսօր զէնքի վաճառական օլիկարխները թքած ունին Ազրպէյճանին իրենց վաճառած զէնքով սպաննուած հայ մանուկին վրայ. լափալիսեան ճշմարտութիւն է, որ դեռեւս պիտի նայինք դէպի հիւսիս` ցարական, համայնավարական թէ դաշնակցային հանրապետութեան դիմակով հանդէս եկող կայսրութեան:

Կը մնայ, որ այս ճշմարտութիւնը, գոնէ անկախութենէն ետք ո՛չ ճակատագրապաշտութիւն կը նշանակէ, ո՛չ ալ Ռուսիայէն մեր փրկութիւնը սպասելու խաբկանք: Տասնիններորդ դարու հայ քաղաքական մտածողութիւնը, որ կազմաւորուեցաւ հայութեան երկու կայսրութիւններուն միջեւ բաժնուած պատմական իրավիճակի պայմաններուն մէջ, նման խաբկանք չէ ունեցած: Ստեփան Ոսկանէն մինչեւ Քրիստափոր Միքայէլեան ռուսական նպատակներու նկատմամբ վերապահութիւնը բացայայտ եղած է, որովհետեւ անոր կայսերական բնոյթը վստահութիւն չէ ներշնչած երբեք: Բայց այլընտրանքը չէ եղած «Միութիւն թուրքերի հետ», ինչպէս խորագրած է Քրիստափոր այս նիւթին մասին իր յօդուածներէն մէկը «Դրօշակ»-ի մէջ:

Այսօր նման այլընտրանք չկայ, ոչ ալ, ինչպէս որոշ շրջանակներ կը հաւատան, Ռուսիա կամ Արեւմուտք այլընտրանք: Հայաստանի աշխարհաքաղաքական պայմանաւորումները յստակ են: Ինչ որ պէտք է յստակացնել ազգային շահերն ու առաջնահերթութիւններն են: Երբ ատենին Հայաստան վերանորոգեց ռուսական զինուորական խարիսխներու պայմանագիրը քառասուն տարիներու վրայ, հանգուցեալ Վահան Յովհաննիսեանն էր, որ հարցականի տակ դրաւ առնուած քայլին իմաստնութիւնը: Այսօր նախագահ Սարգսեանն ու վարչապետ Աբրահամեանն են, որ Մոսկուայի մեր «ռազմավարական» դաշնակիցին հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ Ազրպէյճանին զէնք կը վաճառէ, եւ կը ստանան Մետվետեւի ամբարտաւան պատասխանը, որուն մասին շատ հաւանաբար արդէն իսկ կասկած չունէին:

Աշխարհաքաղաքական իր կացութեան բերումով Երեւան այսօր քիչ հաւանականութիւն ունի իր դաշնակիցին համոզելու, որ մէկ կողմ դնէ զէնքի վաճառականի իր տրամաբանութիւնը, երբ խնդիրը Կովկասի նման տարածաշրջանի մը պայթունավտանգութեան կը վերաբերի: Անիրապաշտութիւն է Հայաստանի` Ռուսիայէն կախուածութեան իրավիճակին ժխտումը: Բայց այս մէկը խնդիր է, որուն լուծումի փնտռտուքը առաջնահերթային է: Ինքզինք պէտք չէ խաբել, որ Եւրոպական Միութիւնը կամ Միացեալ Նահանգները կրնան Ռուսիան փոխարինել որպէս դաշնակից, վտանգաւոր ցնորք է միայն: Բայց պէտք է մտահոգուիլ, որ հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ իրենց կենսական գոյութեան թէ կենսամակարդակի բարելաւման համար Ռուսիոյ կը նային որպէս փրկութեան լաստ, երբ կարելի է օլիկարխներուն ընչաքաղցութեան բանական սահմաններ ճշդել եւ ձգտիլ ընկերային աւելի արդար կարգերու: Հնգօրեայ պատերազմը երեւան հանեց հայ ժողովուրդի հայրենասիրութիւնը եւ ազգային յանձնառութեան մակարդակը: Պատմական առիթ ստեղծուած է, որ այս պահը հաստատագրուի եւ հայրենիքի համար զոհուելու պատրաստ քաղաքացին` հա՛յը ընդհանրապէս, հոն նաե՛ւ տեսնէ արժանապատիւ կեանքի եւ իրերայաջորդ սերունդներու ապագայի կարողականութիւն: Այլապէս, եթէ այս պահը անցնի եւ երկրի տնտեսական քաղաքականութիւնը նպաստէ մէկ տոկոսի յաւելեալ հարստացման, դէպի Ռուսիա արտագաղթելու ստիպուած քաղաքացին շուտով պիտի մոռնայ Մետվետեւի յայտարարութիւնը: Ռուսիոյ վարչապետին շատ ալ հոգը չէ այս մէկը, բայց Ալիեւի ուզածն է, այդ մասին հրապարակային կերպով յայտարարած է եւ այդ նպատակով ալ շղթայազերծած է այս վերջին հնգօրեայ պատերազմը:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>