Բացի որոշ բաղաձայն հրապարակումներէն, ընդհանրապէս պատերազմական գործողութիւններու քառօրեային եւ անոր յաջորդող անմիջական ժամանակահատուածին, հայկական դաշտին մէջ երեւցան միակամութեան ինքնաբուխ գեղեցկագոյն օրինակներ: Համակողմանի հասարակական այս միաւորումը գուցէ ստիպեց նաեւ քաղաքական դաշտին, բոլոր խնդիրները երկրորդական եւ յետին գիծ մղելու եւ կեդրոնանալու օրուան հրամայականին վրայ` ամէն տեսակի աջակցութիւն ու զօրակցութիւնը գերադասելով ամէն տեսակի տարակարծութենէ: Երեւոյթը համատարած էր ամբողջ հայկական աշխարհին մէջ: Արցախի նախագահը թշնամիին մեծ ոտնձգութիւնը կասեցնելու եւ ձախողեցնելու պատճառներուն մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց համայն հայութեան օրհասին դիմաց միաւորման իրողութիւնը:
Հայաստանեան ներքաղաքական պարունակին մէջ` բեւեռներու մերձեցման առումով առանձնացաւ Հայաստանի առաջին եւ գործող նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը: Դրական էր անշուշտ առաջին նախագահին նախաձեռնութիւնը, գործող նախագահին ընդառաջումը նոյնքան եւ աւելին, եթէ նաեւ նկատի ունենանք հանդիպման վայրը: Երեւոյթը արժանացաւ ընդհանրապէս հասարակութեան կողմէ դրական ընկալումի:
Նախագահական լրահոսը սեղմ գիծերու մէջ կը բաւարարուէր լրատուութիւնը հրապարակելով: Մինչ Տէր Պետրոսեանի հովանաւորած լրատուամիջոցը հարցազրոյցով կը ստանար բացատրութիւններ առաջին նախագահէն:
Այստեղ էր, որ նախաձեռնութեան դրական ընկալումը իր վրայ որոշակիօրէն կը մշուշապատուէր: Այսպէս. թէեւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի համոզումով նման ճգնաժամերու պարագային «ներքին հակասութիւնները ժամանակաւորապէս մէկ կողմ կը դրուին եւ բոլոր առողջ քաղաքական ու հասարակական ուժերուն ջանքերը կ՛ուղղուին ազգային միասնութեան կայացման եւ վտանգի միացեալ դիմակայման»: Բայց նաեւ, իր համոզումով առանց գնահատականներ տալու եւ դատումներ ընելու` «Մատրիտեան սկզբունքները որդեգրած է Ռոպերթ Քոչարեանը, եւ անոր այդ հարցին մէջ անվերապահօրէն սատարած են անոր վարչախումբին մաս կազմող կուսակցութիւնները: Քոչարեանը Ղարաբաղը զրկած է հակամարտութեան իրաւահաւասար կողմի միջազգայնօրէն ճանչցուած կարգավիճակէն: Ի դէպ, ան ընդառաջած է նաեւ Ցեղասպանութեան փաստի ուսումնասիրութեան նպատակով հայ եւ թուրք պատմաբաններու յանձնախումբի ստեղծման թրքական առաջարկին: Սերժ Սարգսեանը, ըստ այդմ, այս ամէնը ժառանգած է Քոչարեանէն, եւ անոր պատասխանատուութեան չափը թուարկուած հարցերուն մէջ աւելին չէ, քան վերջինիս վարչախումբին մասը հանդիսացած միւս դերակատարներունը»:
Ի՞նչ կ՛առաջադրէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը փորձելով զիջումներու, անտեղի համաձայնութիւններու եւ պատասխանատուութիւններու չափեր ճշդելով` լուսարձակի տակ բերելով երկրորդ նախագահն ու անոր վարչախումբի դերակատարները: Առայժմ հարցումի կարգով. այս բաժինը համեմատելով հանդիպելու նախաձեռնութեան իր հիմնաւորումին հակասական կէտեր չի՞ յառաջացներ. առայժմ առանց գնահատականներ եւ դատումներ կատարելու:
Յամենայն դէպս պէտք չէ շտապել փոխզիջումնային նոր տարբերակի առաջարկ կամ հետագայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրայ ազդելու կարելիութիւններ փնտռելով այս բոլորին մէջ. մնանք նախաձեռնութեան յայտարարուած հիմնաւորումի սահմաններուն մէջ եւ ընդունինք, որ նման օրհասական պահերու ամէն տեսակի հակասութիւններ մէկ կողմ կը դրուին եւ ջանքերը կը կեդրոնանան ազգային միասնութիւն կայացնելու առաջադրանքին վրայ:
Այս առաջադրանքին կայացման համար պէտք է ակնկալել նաեւ, որ դադրին Լեւոն Տէր Պետրոսեանի բեւեռին շուրջ զարգացած շարժումներու կողմէ արծարծուող ռազմական պիւտճէներու, զինատեսակներու արտադրաթուականներու, եւ այս օրերուն դիւրին բռնկող թեմաներու հրապարակային արծարծումները, եթէ իսկապէս կայ գիտակցական մօտեցում մէկ կողմ դնելու ամէն տեսակի հակասութիւն եւ սատարելու ազգային միասնականութեան:
Ազգային միասնականութիւնը միայն համահայաստանեան ընկալումով չի սահմանափակուիր, այլ ամբողջ հայաշխարհին: Սփիւռքը եւս իր ցուցաբերած զօրակցութեան առընթեր համահայկական օրակարգերու առաջնահերթութիւնները վերամշակելու խնդիր կը դիմագրաւէ:
Մեր հայրենիքը պատերազմի վերսկսման վտանգը կը դիմագրաւէ: Սահմաններու պաշտպանութիւնը ամէնէն առաջնային խնդիրն է: Նիւթականէն մինչեւ բնակեցում, բանակին սատար կանգնելու բոլոր կարելիութիւններէն մինչեւ դիւանագիտական ու իրաւաքաղաքական աշխատանքներու ծաւալում, սահմաններու պաշտպանուածութեան ամէն տեսակի միջոցներով գերյագեցուածութիւնը բոլորիս միակ եւ առաջնային խնդիրն է: Այս առաջնայնութեան եւ անկէ բխած բոլոր տեսակի անհրաժեշտութիւններուն համալիր լուծումներ բերելու համար պիտի աշխատին հայաշխարհի կարողականութիւնները ներգրաւող կառոյցներ: Ներհամայնքային հակասութիւններէն մինչեւ գուցէ համահայկական այլ օրախնդիրներ այժմ իրենց դասակարգումի հորիզոնականին առաջին դիրքը պիտի տրամադրեն հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան հրամայականին: