ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
«Արեգ» մանկապատանեկան խումբի աւագ սերունդը 19-26 փետրուարի ընթացքին չորս ելոյթներով ներկայացուց Լորքայի «Պեռնարտա Ալպայի տունը»` բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի: Յօդուածին Ա. մասը անդրադարձած էր թատրերգութեան հեղինակին եւ սպաներէն բնագիրին: Յօդուած Բ.ով լուսարձակի տակ առնուեցան որմազդը, բեմայարդարումը, տարազները, երաժշտութիւնն ու լուսաւորումը, լեզուական հարցերը:
Տիպարներ եւ խաղարկութիւն.- Պեռնարտայի դուստրերն են` Անկուսթիաս, Մակտալենա, Ամելիա, Մարթիրիօ եւ Ատելա. ոմանք նկատած են, որ դուստրերու անուններուն սկզբնատառերը կը կազմեն «Ա ՄԱՄԱ» ձօնը: Կ՛ենթադրեն, որ Լորքա կ՛ակնարկէ իր մօր:
Թատրերգութեան անտեսանելի հերոսն է գնչու Փեփէ էլ Ռոմանօ (25 տ.): Սպանիոյ գնչուները (ժիթաններ) (1), կը պատկանին «ռոմանի» ցեղախումբին: Թերեւս ինքզինք կոչած է «Էլ Ռոմանօ» (հռոմէացին), որպէսզի աւելի յարգելի դառնայ: Փեփէ ոչ թէ լիարիւն կերպար է, այլ` խորհրդաւոր միջազդող (քաթալիսթ) ուժ մը, որ կը հրահրէ դուստրերուն բախումը: Փեփէի հետ ամուսնութիւն` կը նշանակէ ազատագրում բռնակալ Պեռնարտայի կուսանոցէն: Բայց Լորքայի բոլոր կերպարներու նման` այստեղ եւս կան հակասութիւններ: Փեփէ կը խորհրդանշէ նաեւ արական սանձարձակութեան արտօնագիր: Նոյն ուժը կը ներկայացնեն առոյգ հնձուորները (2): Թատրերգութեան կին տիպարները կը փորձեն հաշտուիլ այդ «իրականութեան» հետ:
Նախորդ ակնարկներուն մէջ համեմատաբար փոքր տեղ տուած եմ խաղարկութեան: Այս պարագային պարտադրուած եմ ծանրանալ, որովհետեւ դերակատարները, մէկ բացառութեամբ, ուղղակի սկսնակ աղջնակներ են: Ներքեւի դիտողութիւնները գլխաւորաբար հիմնուած են առաջին ելոյթին վրայ: Աւելի արդար գնահատելու համար հարկ էր տրամադրութեան տակ ունենալ ելոյթին տեսագրութիւնը: Այս կէտը յատկապէս էական է այսպէս ըսած` «երկրորդական» տիպարներու պարագային: Կանխաւ ներողութիւն կը խնդրեմ անբաւարար դիտումի տեղի տուած հաւանական թերի դատումներու համար:
Սպասուհի.- 50 տարեկան: Անուն չունեցող կերպարներու մասին մօտիկ անցեալին անդրադարձած եմ (3): Հասարակ կին մըն է, որուն հիմնական աշխատանքը տան մաքրութիւնն է: Կը զբաղի տարաձայնութիւններով: Հարկադրուած է դիմել կեղծիքի, նոյնիսկ` մուրացկանութեան: Անցեալին պարտադրուած եղած է նաեւ իր սեռային ծառայութիւնները մատուցելու Պեռնարտայի ամուսինին: Շատ լաւ գիտէ «իր տեղը»: Այս միակ կերպարն էր, որուն հագ ու կապը համահունչ էր Լորքայի նշած սեւ ու սպիտակ գունային տարազին: Դերը վստահուած էր Պեթի Սուլեանի: Դերասանուհին բաւական յաջող կերպով ներկայացուց բացման սուտ ողբի զաւեշտական տեսարանը: Ինծի թուեցաւ, որ իր խաղարկութիւնը որոշ չափով ազդուած է այն «ճարպիկ» սպասուհիներու կարծրատիպէն, որ կը տեսնենք ֆիլմաշարերուն մէջ:
Ամելիա.- (27 տ.) Կը նշանակէ` ժրաջան: Հոգեպէս ամէնէն հանդարտ եւ բարի քոյրն է: Հաշտուած է սպանացի կնոջ ճակատագիրին հետ, կը քնանայ «գերանի նման» (ելոյթը կը գործածէ թրքախօս սրամտութիւնը` ըսելով «մեռելի պէս»), երբ քոյրերը զիրար կը հետապնդեն: Կը հոգայ, որ Մարթիրիօ կանոնաւորապէս առնէ (ելոյթին մէջ` «խմէ») իր դեղերը: Ան իսկապէս մտահոգուած է ի տես զարգացող հակամարտութեան: Մտահոգուած է յատկապէս Մարթիրիոյի նախանձոտ վարմունքով: Ամելիա հաշտարար է, կը փորձէ հեռացնել աղէտը: Տիպարը ունի շատ սակաւ տողեր: Դերակատարը ուրեմն պիտի «խօսի» գրեթէ բացառապէս իր մարմնով: Բալիկ Թեքելեան բաւական յաջող «խօսեցաւ» իր դիմախաղով եւ մարմնով: Կողքի նկարին մէջ կը տեսնենք, որ ան հազիւ նկատելի թեքած է դէպի քոյրը եւ թեթեւ սեղմած` բռունցքները: Ինչպէս դէմքը, այնպէս եւ բռունցքները ցոյց կու տան մտահոգութիւն եւ վախ: Շա՛տ բարի: Ապագային հարկ է, որ ուշադիր ըլլայ բոլոր մանրամասնութիւններուն եւ առոգանութեան:
Մակտալենա.- (30 տ.) Թատրերգութիւնը գրուած է ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հոգեբանութիւնը եւ արուեստի դպրոցներ (օր. գերիրապաշտութիւն) անսակարկ կերպով կը հետեւէին ֆրոյտանման տեսութիւններու: Լորքա, ցաւօք, տուրք տուած է մոտայիկ գաղափարներու: Կերպարը կը մարմնաւորէ այսպէս կոչուած «Էլեքթրայի բարդոյթը», որ հնարուած է Ֆրոյտի աշակերտ Ք. Եունկի կողմէ: Հոմերոսի Իլիականին մէջ Էլեքթրա Ակամեմնոնի այն դուստրն է, որ սպաննեց իր մայրը: Այսինքն Օտիփուսի իգական տարբերակն է, ունի տոհմապղծական երանգ, մանաւանդ` նկատի առած հօր արատաւոր բարոյականը: Բացման տեսարանին մէջ կ՛իմանան, որ եկեղեցւոյ մէջ թաղման կարգի ընթացքին Մակտալենա ուշաթափուած է: Ան կործանած է, կը զգայ ահաւոր մինակութիւն, բայց կը պահէ հոգեկան կորովը: Այո՛, Լորքայի կերպարները բարդ են: Ամուսնանալու որեւէ յոյս չունի, դուրս է մրցակցութենէն: Մօտիկութիւն ցոյց կու տայ Ատելայի: Դերասանուհին` Էմմա Քէշիշեան, այնքան սիրուն էր, որ անհնար էր համոզուիլ, թէ անհրապոյր տունմնայ մըն է (տես կողքի բաղդատականը)(4): Անոր խաղարկութեան մէջ կարելի էր տեսնել կործանումը եւ մինակութիւնը: Շա՛տ բարի: Հաւանաբար իրեն տրուած թելադրանքներու պատճառով կը բացակայէր, սակայն, հոգեկան կորովը: Անժելինա Սարգիսեանի ելոյթը չկարողացայ դիտել:
Անկուսթիաս.- (39 տ.) Կը նշանակէ` անձկահար, տառապահար: Պեռնարտայի առաջին ամուսինէն ունեցած դուստրն է: Ժառանգը գրեթէ ամբողջութեամբ կը պատկանի անոր: Տգեղ է եւոսին: Ակնյայտ է, որ անատակ է ծննդաբերութեան: Կը տեսնէ, որ Փեփէ հետաքրքրուած է ոչ թէ իրմով, այլ` իր հարստութեամբ: Փեփէ հրապուրած է գիւղի բոլոր աղջիկները, կրնայ «տիրանալ» անոնցմէ ոեւէ մէկուն: Անկուսթիաս անապահով է, յաճախ կը դիմէ մօր պաշտպանութեան: Չարացած ու ամբարտաւան: Դերը վստահուած էր Լիլիթ Գույումճեանին: Բայց կարելի չէ երեւակայել, որ գտնուի աղջնակ մը, որ խանդավառուի այս վանողական դերով:
Ատելա.- (20 տ.) Կը նշանակէ` առաջ անցնիլ, գլել: Ատելա գլեց անցաւ կիներու համար տնօրինուած սահմանը եւ իր արարքին համար վճարեց կեանքի գնով: Պեռնարտայի դուստրերուն ամէնէն կենսունակ եւ գեղեցիկն է, ունի շփացած մանուկի մը հոգեբանութիւնը, անզուսպ է եւ անգութ, չի վարանիր խլելու քրոջ խօսեցեալը: Իր կանաչ հագուստով ազատութեան յոյս կը բերէր քոյրերուն: Հինգ դուստրերուն ամէնէն պարզ տիպարն է, գրեթէ` մէկ տարածաչափային: Դերը վստահուած էր Մարգարիտա Միքայէլեանին, որ պարզապէս չափազանց փոքր է տարիքով: Ունի ֆիզիքական կերպընկալութիւն, որովհետեւ հետեւած է պարարուեստի: Բայց ձայնը կազմաւորուած չէ տակաւին: Տուաւ այն, ինչ որ կարող էր տալ: Բարի՛: Հետագայ ելոյթներուն հարկ է, որ ուշադրութիւն դարձնէ դիմախաղին:
Մարթիրիօ.- (24 տ.) Կը նշանակէ` մարտիրոսուհի: Դուստրերուն ամէնէն խելացին է, բայց կորաքամակ է եւ հիւանդոտ: Պեռնարտա մերժած է փեսացու մը, որովհետեւ զայն արժանի չէ գտած Ալպա տան: Որոշած է խոչընդոտել Ատելայի եւ Փեփէի ապօրէնի սեռային կապերը: Կը ձեւացնէ` պաշտպանել տան պատիւը: Բայց մղուած է նախանձէ: Երկրորդ հրացանը առած, կը հետեւի մօրը` սպաննելու համար Փեփէն: Մարթիրիօ ամէնէն ցցուն ներկայութիւնը ունի: Շատ յաճախ կը գտնուի բեմին կեդրոնը: Դերը վստահուած էր Բալիկ Հապոյեանին, որ կը թուի ըլլալ իսկապէս խելացի, բայց «ցաւօք»` չափազանց քաջառողջ: Ունի նաեւ բեմական ներկայութիւն: Փաստեց, որ ատակ է արտաբերել յարիր դիմախաղեր: Շա՛տ բարի, բայց ափսոս որ ելոյթի գրեթէ ամբողջ ընթացքին պահեց մաղձոտ դիմակ մը: Կուզ ձեւանալու ջանքը, ցաւօք, կը խանգարէր մարմնով արտայայտուելու հնարաւորութեան: Կարելի էր անտեսել թատերական ասքին համար ոչ այնքան անհրաժեշտ «կուզութիւնը»:
Մարիա Հոզեֆա.- (80 տ.) Պեռնարտայի «խելակորոյս» մայրը թատրերգութեան երկրորդ ըմբոստն է: Պեռնարտա զայն կը պահէ կալանքի տակ: Բնագիրին մէջ ան գուշակուհի մըն է, «Քասանտրա» մը, որ կը զգուշացնէ բոլորը` մօտեցող աղէտէն: Անոր խօսքերը առերեւոյթ խելագարի խօսքեր են, բայց խորքին մէջ` լի իմաստութեամբ: Հոզեֆա սրբազան խենթ մըն է, որ կը ձգտի դէպի լայն ծովափ: Իմա` ազատութիւն: Ելոյթին մէջ, ցաւօք, խեղուած եւ կրճատուած էր տիպարը: Սղուած էր յատկապէս անոր «Օվահեթա» երգը: Ափսո՛ս: Տատիկը ֆիզիքապէս առողջ է, բայց ոչ թէ կը ցանկայ ամուսնանալ Փեփէի հետ, այլ` դառնալ մայր: Պեռնարտա մայրութիւնը զլացած է Հոզեֆայի: Դերը վստահուած էր Շուշի Գոճայեանին, որ կը կատարէր իրեն տրուած ցուցմունքները: Կերպարը ողբերգական է, եւ ոչ` զաւեշտական: Անտեղի էին անոր լուսնոտ շարժումները, որովհետեւ կ՛իմանանք, որ Հոզեֆա առողջ, ուժեղ եւ ճարպիկ է: Հարկ է, որ դէմքը արտայայտէր «խելագարի իմաստութիւն»:
Պեռնարտա եւ Փոնսիա.- Երկու տիպարներուն վերը անդրադարձած եմ: Բնագիրին մէջ անոնք կը մղեն յարատեւ «մենամարտ»: Փոնսիայի գերազանցութիւնը դիմագրաւելու միայն մէկ զէնք ունի Պեռնարտա. բռնի ուժ: Աւելի քան ակնյայտ է, որ Պեռնարտա կը մարմնաւորէ անբանական բռնատիրութիւնը: Լորքայի տիպարները երբեք մէկ տարածաչափային չեն: Պեռնարտա-կինը կը տառապի առանձնութենէ: Ունեցած է երկու ամուսին, բայց` ոչ մէկ տղամարդ, որ զինք սիրէր: Երկրորդ ամուսինը եղած է կնամոլ: Պեռնարտա չարացած է: Անցեալին ան մերժած էր սպանացի փեսացու մը, բայց կը յօժարի ընդունիլ ռոտին գնչու մը: Ալպա տունը անկում կ՛ապրի:
Պեռնարտա ունի կարճատեւ «ելոյթներ»: Բեմին վրայ տիրական, մնայուն ներկայութիւն ունի Փոնսիա: Այդ «կամուրջ»-ն է, որ ընտանիքը կը կապէ իրարու եւ արտաքին աշխարհին: Փոնսիա ունի մեծ փորձառութիւն եւ սուր միտք: Կը նախատեսէ Ատելայի կործանումը: Դուստրերուն կը բացատրէ, որ ամուսնութիւնը արագ յուսախաբութիւն պիտի բերէ: Դերը վստահուած էր Լիլիթ Յովհաննիսեանին, որ ունի ակնյայտ դերասանական ձիրք եւ աւելի քան բաւարար ձայնային տուեալներ: Շա՛տ բարի: Թերի էր, սակայն, մեկնաբանութիւնը: Ելոյթի Փոնսիան աննշան, նոյնիսկ փողոցային կին մըն էր: Անոր շարժուձեւերն ու կերպարանքը հազիւ կը զանազանուէին Պեռնարտայի դուստրերէն: Վարուելակերպը չէր արտայայտեր իմաստութիւն: Պեռնարտայի առջեւ ան ոչ թէ հաւասար ախոյեան էր, այլ` շփոթահար աղջնակ մը:
Պեռնարտայի դերը վստահուած էր Փաթիլ Մկրտիչեանին: Առաջին հերթին պէտք է նշել, որ անհամեստ հագուկապը յստակօրէն կը խանգարէր կերպարի մեկնաբանութեան: Փաթիլ ինքզինք պահեց կայտառ, գրեթէ երբեք չյենեցաւ ձեռնափայտին: Բայց Պեռնարտա իսկապէս ուժեղ չէ, բռնակալ վարչաձեւ մը ամուր հիմեր չի կրնար ունենալ, կը կարօտի յենակի: Խաղարկութիւնը կը պահանջէր մեծ վարպետութիւն: Ճիշդ է, որ տիպարը թունոտ է, խիստ եւ գրեթէ միշտ զայրացած: Բայց չի բաւեր կրել պռստած դիմակ: Վարպետութիւնը պիտի կայանար այդ արտայայտութեան բազմաթիւ նուրբ երանգները դրսեւորելու մէջ:
Վերջաբան եւ մեկնաբանութիւն.- Առաջին հերթին կան ոչ էական նշումներ. ընթրիքի տեսարանը համարեա զաւեշտական էր: Թէյի ումպ մը առնելէ ետք Պեռնարտա կանգնեցաւ եւ չափազանց ծանրակշիռ յայտարարեց ընթրիքի աւարտը: Բնագիրին մէջ Մարթիրիօ հրացանը ձեռքին` չի հետեւիր մօր, ինչպէս տեսանք ելոյթի ընթացքին: Չիմացանք, սակայն, թէ կրակե՞ց արդեօք Փեփէի ուղղութեամբ: Ինչո՞ւ վերադարձան հրացանները քաշկռտելով: ՉԷ՞ որ յաջողած էին անդարձ վտարել ամբարտաւան փեսացուն: Ութ յաւելեալ տարիներու սուգը պարզապէս գերիրապաշտ է: Կրտսերագոյն դուստրը` Մարթիրիօ 16 տարի ետք պիտի դառնար 42 տարեկան եւ այլն:
Հիմնական շեղումներ էին Հոզեֆայի եւ Պեռնարտայի աւարտական ելոյթները: Առաջինը զաւեշտականօրէն կը վարկաբեկէր իմաստուն խենթի ողբերգական կերպարը: «Օվահիթա» երգի անտեսումը գեղարուեստական իմաստով մեծ կորուստ էր: Պեռնարտայի մենախօսութիւնը քաղաքական իմաստով հիմնովին անհասկնալի է: Ինչո՞ւ բռնակալը ինքզինք պիտի խարանէր անբարոյ կիներու փշապսակով: Զեղչուած էր բնագիրի բանալի բառը, զոր Պեռնարտա ոչ նուազ քան հինգ անգամ կը կրկնէ` խօսքը ուղղելով Ալպա տան բոլոր բնակիչներուն: Ֆրանքօ խօսքը կ՛ուղղէ բոլոր սպանացիներուն.
«Լռութի՛ւն, լռութի՛ւն, զիս լսեցի՞ք, լռութի՛ւն, լռութի՛ւն կ՛ըսեմ»:
Լռութիւն` կը նշանակէ խօսքի ազատազրկում: Ելոյթը չէր անդրադարձած քաղաքական տողատակին:
Ռոպեր Առաքելեանի փորձը ողջունելի է: Ընտրած էր, սակայն, թատրերգութիւն մը, որ կը սարսափեցնէ նոյնիսկ արհեստավարժ խումբերը: Աւելի՛ն. բնագիրի լեզուն գրեթէ անթարգմանելի է: Գրադարանները լեցուն են ձախող փորձերով: Բարդ թատրերգութիւնը մատչելի դարձնելու մտահոգութեամբ զանց առնուած էին մեծ հատուածներ: Այդ ոչ միայն կ՛աղճատէ թատրերգութիւնը, այլեւ անհասկնալի կը դարձնէ մնացեալ մասերը: Հիմնականին մէջ պահպանուած էին քոյրերու վէճերն ու մակերեսային դիպաշար: Լորքայի քաղաքական, բանաստեղծական այլաբանական հոյակապ երկը վերածուած էր տունմնայ աղջիկներու քաշկռտուքի:
Կը կրկնեմ, ողջունելի է նորահաս սերունդը դէպի բարձր արուեստ մղելու առաջադրանքը: Ողջունելի է մանաւանդ դեռատի դերասանուհիներու զարմանալիօրէն լուրջ մօտեցումը, աշխատասիրութիւնը:
Կը թելադրեմ, որ յաջորդ թատրերգութիւնը աւելի մատչելի երկ մը ըլլայ: Բարի՛ երթ, շնորհալի՛ աղջնակներ:
————————
(1) Գնչուները թուխ են: Gitane եւ Gypsy հնչունային աղաւաղումներն են «եգիպտացի» բառին:
(2) Յիշել Համաստեղի «Համբոյրը» պատմուածքը, «Գիւղը եւ անձրեւը» 1925:
(3) Տես «Յատակի բնակիչները», «Ազդակ» 23 եւ 24 փետ. 2016:
(4) Առնուած է «Los Personages, la Casa de Bernarda Alba» գործէն, J. J. F. Munoz, 2009»:
(Վերջ)