ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մարտ ամսու 17-ին հայոց յուշատետրին մէջ կը խորհրդանշէ հայկական յեղափոխութեան կրակի մկրտութեան օրը:
Կը խորհրդանշէ Քրիստափորի նահատակութեամբ նուիրականացած գերագոյն զոհաբերութեան աւանդը հայ ազգային-ազատագրական շարժումին:
Անսակարկ անձնազոհութեան աւանդը` հայկական յեղափոխութեան ամէնէն մարտունակ կազմակերպութեան անվիճելի առաջնորդին, որ կեանքի գնով տուաւ օրինակը խօսքը գործով պայմանաւորելու եւ ամրագրելու գաղափարական յանձնառութեան:
Արդարեւ, 111 տարի առաջ, 17 մարտ 1905-ին, Պուլկարիոյ Վիտոշ լերան լանջին, սուլթան Համիտի ահաբեկման համար պատրաստուած ռումբի փորձարկման զոհ գացին հայ ազգային-ազատագրական շարժման անզուգական ղեկավար Քրիստափոր Միքայէլեանը եւ իր գործակից Վռամշապուհ Քենտիրեանը:
1904-ին գումարուած ՀՅԴ 3-րդ Ընդհանուր ժողովին որոշուած էր սուլթան Ապտիւլ Համիտի ահաբեկումը: ՀՅԴ հիմնադիր երրորդութեան երիցագոյնը եւ իրաւամբ Դաշնակցութեան կամքին մարմնաւորումը հռչակուած Քրիստափոր ի՛նք եղած էր դրօշակիրը «Կարմիր Սուլթան»-ը մահուամբ պատժելու յանդուգն որոշումին: Աւելի քան բնական էր, հետեւաբար, որ Քրիստափոր անձամբ ստանձնէր որոշումին գործադրութեան ամբողջական պատասխանատուութիւնը եւ ստանձնե՛ց:
Դաշնակցութեան հիմնադիրը գերագոյն պարտքի զգացումով ձեռնամուխ եղաւ «Մեծ Բռնակալ»-ի մահապատիժի գործողութեան ծրագրումին եւ իրագործման:
Պատասխանատուութեան միեւնոյն մղումով ալ անձամբ ղեկավարեց գործողութեան բոլոր հանգրուաններուն մանրամասն ծրագրումն ու նախապատրաստութիւնը:
Եւ այդ ճամբուն վրայ Քրիստափորին բաժին ինկաւ ճակատագրի դառն խաղը: Վիտոշի լանջին, «Մեծ Մարդասպան»-ը ահաբեկելու կոչուած ռումբը ստուգելու հերթական փորձարկման պահուն, 17 մարտ 1905-ին, վաղաժամ պայթեցաւ «դժոխային զէնք»-ը` զգետնելով մեծ յեղափոխականն ու իր զինակիցը:
111 տարի անցած է Վիտոշի ողբերգական արկածէն ասդին, բայց որքան ժամանակը թաւալի եւ որքան խորանան Վիտոշի խորհուրդը վերծանելու փորձերը, այնքա՛ն կը խտանայ եւ այժմէական իր թելադրականութիւնը կը շեշտէ Քրիստափորի արեամբ գրուած յեղափոխական պատգամը`
– «… Եթէ իրաւունքը իր պաշտպանութեան համար կռիւ է պահանջում, հապա կռիւը իր յաղթանակի համար նեցուկ պիտի ունենայ ուժը: Ուժն է, որ կառավարում է աշխարհս, եւ մենք ձեռք կը բերենք մեր ուզածները, երբ ո՛ւժ կ’ունենանք»:
Բազում ուղղութիւններով դաստիարակչական է Վիտոշի խորհուրդը:
Առաջին հերթին արդի ժամանակներու հայ մարդուն կը ներշնչէ անհուն ինքնավստահութիւն ու հպարտութիւն, որովհետեւ հայ ազատագրական շարժման մեծ առաջնորդը իր կեանքի գնով օրինակ դարձաւ յեղափոխական յանդգնութեան:
Ոչ միայն խօսքով, այլեւ կենդանի գործով Քրիստափոր մարմնաւորեց Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան պայքարին անսակարկ անձնուիրումը:
Ու գերագոյն իր զոհաբերութեամբ եկաւ հաստատելու, որ երբ կայ մարտունակութիւնը, եւ երբ ամրապինդ է անհաւասար ուժերով անգամ կռուի դաշտ նետուելու կամքը, յեղափոխականը ի վիճակի է իր զէնքերը հնարելու եւ սանձելու ամէնէն անխոցելի կարծուած բռնակալներն իսկ:
Երկրո՛րդ. պետական սարսափի եւ ահաբեկումի սուլթանական անպատիժ յանցագործութեան դէմ` Վիտոշի նահատակութիւնը եկաւ ամրագրելու, որ նոյնինքն ահաբեկչութիւնը կրնայ սրբազան զէնք դառնալ… տկարներուն ձեռքը:
Համիտեան բռնակալութիւնը իբրեւ քաղաքական ուղեգիծ ընտրած էր պետական ահաբեկչութիւնը եւ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման ամէնէն խաղաղ ելոյթներն անգամ անմեղ հազարաւորներու արեան մէջ խեղդելու… բարբարոսութեան անձնատուր եղած էր:
Քրիստափոր իր արեան նուիրաբերումով եկաւ ուսուցանելու, որ թրքական պետութեան հայաջնջումի ահաբեկչութեան արժանի պատասխան է Համիտի ահաբեկումը` իբրեւ հոգեփոխիչ օրինակը տկարներու արդարադատ ահաբեկչութեամբ պետական մարդասպանութիւնը սանձելու յանդգնութեան անսպառ ուժին:
Առանց Վիտոշի խորհուրդին` դժուար է ամբողջական բացատրութիւնը գտնել այն գաղտնիքին, թէ ահաբեկչութիւնն ու ահաբեկիչը ինչո՛ւ սրբութեան իմաստ եւ արժէք ստացած են հայ ժողովուրդի իրերայաջորդ սերունդներուն համար: Հայ ժողովուրդին պարտադրուած տկարի եւ զոհի դաժան ու անարդար ճակատագրին դէմ գերագոյն ծառացումով` քրիստափորեան յանդգնութեամբ իր լրիւ բացատրութիւնը կը գտնէ Հայ Ահաբեկիչին նկատմամբ Սիամանթոներու կողմէ հիւսուած արդի հայուն խորագոյն պաշտամունքը:
Եւ հայոց սերունդները Վիտոշի խորհուրդէն վերցուցին հայկական ազատամարտի մեծ առաջնորդին անաւարտ գործը շարունակելու յանձնառութիւնը` այդ ճամբուն վրայ գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու կրթիչ օրինակը:
Մարտի 17-ն է դարձեալ, ամբողջ դարաշրջան մը` 111 տարի անցած է 1905-ի այդ չարաբախտ օրէն ասդին, բայց Վիտոշի խորհուրդը ինչպէս անցեալ երկար տասնամեակներուն, նաեւ մեր օրերուն կը շարունակէ յանդգնութեամբ մկրտել հայոց սերունդները:
Երբ մեծերն ու զօրեղները բիրտ ուժով եւ պետական ահաբեկչութեամբ կը շարունակեն խեղդել տկարներուն արդար պահանջները, եւ երբ հայ ժողովուրդի պատմական պատուհասը` թրքական ցեղասպան պետութիւնը կը շարունակէ իր փորձերը` պետական ահաբեկչութեան նորանոր հնարքներով խեղդելու հայ ժողովուրդին արդար պահանջատիրութիւնը, աւելի քան հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ հայոց սերունդները իրենց հայեացքը կ’ուղղեն դէպի Վիտոշի խորհուրդը:
Դէպի հայկական ազատամարտի յեղափոխական անպարտելի յանդգնութեան մայր ակունքը` Քրիստափորի նուիրաբերած սուրբ արիւնով մկրտուելու եւ կեանքի գնով վկայելու համար.
«Յարատեւ կռիւ, յաճախ եւ երկար ժամանակ, գուցէ անյաջող` չնայած երբեմն նոյնիսկ իր լայն ծաւալին, ահա թէ ո՛ւր է մեր փրկութեան բանալին: Պահպանե՛նք, շարունակենք կռիւը, որպէսզի լայնանայ, ընդարձակուի եւ ընդարձակուելով` յարատեւի, ահա՛ դէպի մեր նպատակը տանող միակ ճանապարհը:
«Չշեղուե՛նք այդ ճանապարհից, որ պատճառների եւ հետեւանքների կապակցութեամբ, ունի պատմութեան մէջ հաստատուած օրէնքի ուժ. չշեղուե՛նք այդ միակ ճանապարհից, որ սփռուած է յուսատու ապագայի գրաւիչ ծաղիկներով»: