Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Անդրադարձ. Պահելով Պատմական Տրամաբանութիւնը

$
0
0

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

Բաւական ուրախ եւ խանդավառ եմ, որ 12 յունուարին «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած Վահրամ Էմմիեանի «Նոր-օսմանեան հնարք մը» խորագիրով յօդուածը վերլուծող «Չխախտել պատմագրութեան կանոնները»  անդրադարձիս ստացած եմ պատասխան մը, որ առիթ պիտի տայ մամուլի այս քանի մը էջերու ընդմէջէն սկսելու լուրջ զրոյց-քննարկումի մը եւ գաղափարներու առողջ փոխանակութեան:

Մարտ 16-ին «Ազդակ»-ի մէջ հրատարակուած «Բռնագրաւումի օրինականութեան մասին»  յօդուածով Վ. Էմմիեան կը փորձէ հարցականի տակ դնել այն քանի մը կէտերը, որոնք  վիճելի կը գտնէ յօդուածագիրիս նախորդ եւ վերոյիշեալ գրութեան մէջ: Սոյն անդրադարձը փորձ մըն է բացատրելու եւ յստակեցնելու այն բոլոր փաստարկները, որոնք հեղինակին կողմէ կը գնահատուին որպէս վիճելի: Քանի մը ճշդումներով կ’ուզեմ կրկին բարձրաձայնել այն իրողութիւնը, թէ հեղինակը դարձեալ խախտելով պատմագրութեան եւ պատմութեան հասկացողութեան որոշ սկզբունքներ` ներկայացուցած է հակափաստարկներ եւ գաղափարներ, որոնց առընթերադրութիւնը (juxtaposition) ինքնին հակասութիւններու դուռ կը բանայ խնդրոյ առարկայ պատասխան-յօդուածին մէջ: Տեսնենք, թէ որո՛նք են:

Առաջին. գրութեան ներածականին մէջ հեղինակը կ’ուզէ պարզել, թէ իր նախորդ յօդուածով ինք լոկ քաղաքական մեկնաբանութիւն մըն էր, որ կը կատարէր եւ ոչ` պատմագրական: Այս կարծիքը ինքնին խնդրայարոյց է, որովհետեւ հեղինակը պէտք է քաջ գիտակցի, որ չկայ քաղաքական մեկնաբանութիւն, մանաւանդ` հայ եւ թրքական շրջանակներու մէջ, որ պայմանաւորուած չ’ըլլայ պատմագրութեան գործընթացներէն: Այսինքն քաղաքական վերլուծումը եւ պատմագրութիւնը ինքնին անքակտելի մասնիկներն են ժողովուրդներու եւ պետութիւններու փոխյարաբերութիւններու զարգացման մէջ: Հետեւաբար, երբ յաջորդ նախադասութեամբ հեղինակը կ’ըսէ, թէ ինքզինք ազատ կը նկատէ պատմագրութենէն եւ անոր կանոններէն, կը հաւատամ, որ այս կարծիքը ուրիշ ոչինչ է, եթէ ոչ` ինքնախաբէութիւն, որովհետեւ լաւ ճանչնալով այն միջավայրը, որուն մէջ հեղինակը թրծուած է, անհերքելի է այն իրողութիւնը, որ ինքը արտադրութիւնն է հայ, հայկական եւ սփիւռքեան պատմագրութեան, որ կը ձեւաւորէ այն աշխարհահայեացքը, որ այսօր սփիւռքահայերը ունին օսմանեան պատմութեան հանդէպ: Ուստի բան մըն է ըսել` «ինքզինքս ազատ կը նկատեմ նաեւ անոր (պատմագրութեան) կանոններէն», իսկ բոլորովին այլ բան է հարցականի տակ դնել այն վիճելի կէտերը: Յօդուածագիրս քաջ գիտակցելով անհատին մտքի ու խօսքի ազատութեան իրաւունքի անհրաժեշտութեան` կ’ուզէ շեշտադրումը կատարել քաղաքական աշխարհահայեացքներու կազմութեան եւ հայ պատմագրութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութեանց վրայ:

Երկրորդ. հեղինակը քանի մը հարցադրումներով կ’ուզէ ապակառուցել (deconstruct) այն միտքը, թէ ներկայ ժամանակներու արժէքներով կարելի չէ եւ պէտք չէ դատել 15-րդ եւ 16-րդ դարերու պատմութիւնը, մատնանշում մը, որ կատարած էի նախորդ գրութեամբս: Այս իմաստով ան կը մէջբերէ Պոլսոյ օրինակը, որ 1453-ին անցաւ օսմանցիներուն ձեռքը եւ այնուհետեւ դարձաւ կայսրութեան մայրաքաղաքը: Այստեղ այն հարցադրումը թէ` «ուրեմն օսմանցիներուն կողմէ Պոլսոյ գրաւումը, թալանումը եւ անոր բնակչութեան կոտորածը եթէ ոչ բռնագրաւում, ապա ի՞նչ էր, ազատագրո՞ւմ» կ’ապացուցէ, որ որոշ թիւրիմացութիւն կայ վերոյիշեալ գաղափարը ըմբռնելու մէջ: Նմանօրինակ հարցադրումով մը կը հարցնեմ: Ինչո՞ւ պէտք է անպայման 15-րդ դարու պատմութիւնը նկարագրել բռնագրաւումի կամ ազատագրումի եզրերով: Եթէ մէկը չէ, կը նշանակէ՞, թէ միւսն է: Բարձրաձայնած մտահոգութիւնս այն էր, որ այս եզրերը ինքնին կ’ուրուագծեն միջազգային յարաբերութիւններու եւ օրէնքի ժամանակակից հասկացողութիւն եւ պատկերացում մը: Երբ 1453-ին օսմանցիները մտան Պոլիս եւ տէ ժիւրէ վերջ գտաւ Բիւզանդական կայսրութիւնը, ա՛լ ի՞նչ բռնագրաւում, ի՞նչ ազատագրում: «Բռնագրաւում» եզրը ինքնին կը յառաջացնէ այն միտքը, որ խնդրոյ առարկայ տարածքը վերադարձուելու է այս կամ այն կողմին, իսկ հեղինակին հասկացողութեամբ, որոշ ազգութեան կամ ժողովուրդի: Սակայն 15-րդ դարուն ի՞նչ ազգութիւններու մասին է խօսքը, երբ տակաւին այս եզրը իբրեւ քաղաքական սկզբունք գոյութիւն չունէր: Վերադառնալով հարցադրումներու «մեթոտ»-ին` միթէ տարածքները իրարու ձեռքէ խլելով չէ՞, որ կայսրութիւններ կը ծնին կամ կը քայքայուին:

Երրորդ. հեղինակը կը հաստատէ, որ եթէ բռնագրաւման գաղափարը ինքնին արդիական պատմաքաղաքական եզր մըն է, անիկա պէտք է որ գրուած ըլլայ բռնագրաւող ուժերուն կողմէ: Յօդուածագիրս չըլլալով միջազգային օրէնքի մասնագէտ, կը փափաքի  որոշ կէտեր մատնանշելով` աւելի յստակ ու համոզիչ պատասխան մը ունենալ հեղինակէն այս իմաստով: Այսինքն այն ի՞նչն է որ բռնագրաւող ուժերը կը մղէ, որ մշակեն այնպիսի քաղաքա-փիլիսոփայական արժեհամակարգ մը, որուն հիման վրայ յառաջանայ «բռնագրաւումի» իրաւական գաղափարը: Ամենապարզ մտատեսութեամբ մը կարելի է առարկել` ըսելով, որ «բռնագրաւումի» սկզբունքը մշակուած եւ «օրինականացուած» պէտք է ըլլայ ոչ թէ բռնագրաւող ուժերուն, որոնք 18-րդ դարէն սկսեալ ստեղծեցին «գաղութատիրութեան» լծակը, այլ այսպէս ըսած` բռնագրաւուած ուժերուն կողմէ, որովհետեւ այս վերջիններն են, որ ուժային յարաբերակցութեան այս կարգավիճակին մէջ կը կորսնցնեն տուեալ որեւէ տարածք եւ ոչ հակառակը:

Չորորդ. վերոնշեալ փաստարկէն մեկնած` հեղինակը կը հետեւցնէ, թէ չկայ ու չէ եղած ժողովուրդ մը, որ օտար ուժի մը տիրապետութիւնը ընդունի իբրեւ բնական եւ օրինական երեւոյթ: Ան կ’աւելցնէ, թէ ամէն ժողովուրդ կը ձգտի կերտելու իր անկախ պետութիւնը, եթէ առողջ ու իր ինքնութեան գիտակից ու տէր է, հաստատելով, թէ ժամանակը որեւէ ազդեցութիւն չի կրնար ունենալ այդ ձգտումին վրայ: Հակառակ անոր որ այս տեսակէտը պաշտպանելու համար հեղինակը կու տայ հրեաներու օրինակը, որուն յօդուածագիրս անկեղծօրէն ծանօթ չէ, մէջբերելով աւելի արդի ժամանակներու եւ հայոց ու ընդհանուր օսմանեան պատմութեան վերաբերող պարագաներ, կ’ուզեմ մատնանշել այն խնդիրները, որոնք կը ծագին հեղինակին այս փաստարկներէն: Երբ կը խօսինք «օտար ուժի տիրապետութեան» մասին, հեղինակը նկատի ունի հիմնականօրէն ցեղային օտարութեան մասին, եւ եթէ առնենք օսմանեան կայսրութեան ամենասկզբնական ընդարձակումներու պարագան, համաձայն պիտի գտնուիմ այս սկզբունքին միայն որոշ բաժնի հետ: Այս առումով, երբ մէկ կողմէ կ’ըսենք, թէ ամէն ժողովուրդ կը ձգտի կերտելու իր անկախ պետութիւնը` անօրինական նկատելով կայսերական որեւէ ուժ, առաջին հարց/եզրակացութիւնը, որ կը յառաջանայ, եւ որ կ’առնչուի թրքական ժխտողական քարոզչութեան հետ, այն է, որ հայերն ալ ուրեմն մինչեւ 1915 կը ձգտէին ունենալ իրենց անկախ պետութիւնը: Ուրիշ բան է խօսիլ ձգտումի մասին` իբրեւ քաղաքական մտածողութեան կիզակէտի, մէկ այլ բան է ապացուցել, թէ իրօք հայերը աշխատեցան ձեւաւորելու իրենց անկախութիւնը նախացեղասպանական ժամանակաշրջանին: Հակառակ Հայ յեղափոխական շարժման գոյութեան եւ Հնչակեան կուսակցութեան Եւրոպայի ղեկավարութեան ապագայ հայկական պետականութեան վերականգնումը փայփայած ծրագիրներուն, յօդուածագրիս ներկայ ակադեմական աշխատութիւնները յանգեցուցին այն եզրակացութեան, թէ օսմանեան հայերու մօտ, նոյնիսկ անոնք, որոնք համախմբուած էին Հնչակեան դրօշին տակ, չէ եղած անկախ պետականութիւն կառուցելու որեւէ լուրջ եւ մեծածաւալ փորձ կամ աշխատանք: Մէկ ուրիշ հարց, որ կը յառաջանայ հեղինակին փաստարկէն, կը վերաբերի «օսմանեան» եզրի գործածութեան եւ հասկացողութեան: Ինչպէս կ’ըսուի հայկական պատմագրութեան մէջ, օսմանցին յաճախ նոյնացուած է «թուրք»-ի հետ` տարանջատելով հայերը, արաբներն ու պալքաններու ժողովուրդները «օսմանցիի» գաղափարէն: Ի դէպ, կան բազմաթիւ պատմական եւ պատմագրական ակադեմական լուրջ աշխատութիւններ, որոնք կ’ապացուցեն, թէ այս ժողովուրդներու միատեղմամբ է, որ պէտք է ըմբռնել «Օսմանեան կայսրութեան» մը գաղափարը: Հետեւաբար, երբ հեղինակը կը խօսի Օսմանեան կայսրութեան մասին` իբրեւ օտար տիրապետող ուժի, կը բացառէ հայերու գործարանական (organic) մասնակցութիւնը կայսրութեան լայնածաւալ եւ բարդ կառոյցին զարգացման մէջ: Երկրորդ խնդիրը կը վերաբերի ազգութեան գիտակցութեան եւ ժամանակներու պատեհութեան կամ ազդեցութեան: Հեղինակը կը կատարէ այն, ինչ ակադեմական շրջանակներու մէջ ճանչցուած է որպէս ազգութիւններու նախաստեղծ (primordial) գոյութեան միտքը: Այս տեսութիւնը (որ արդէն մերժուած է) կ’ըսէ, թէ հայերը, թուրքերը կամ որեւէ այլ ազգութիւն պատմութեան ամենասկզբնական ժամանակներէն մինչեւ տուեալ ժողովուրդներու ազգ-պետութիւններու (nation-state)  կերտումը, ունեցած են ազգային քաղաքական գիտակցութիւն եւ պետականութեան ստեղծելու քաղաքական բաղձանք եւ ասոր շնորհիւ է, որ 19-րդ կամ 20-րդ դարուն կարողացած են ստեղծել իրենց անկախ պետականութիւնը: Այս տեսութեան կողմնակիցները, ինչէս Էմմիեան, կը նուազեցնեն առարկայական պայմաններու ազդեցութեան կարեւորութիւնը այս գործընթացին մէջ եւ կը տեսնեն ազգ-պետութիւններու ստեղծումը ոչ միայն նախատնօրինուած, այլ նաեւ` լոկ ժամանակի հարց: Այս փաստարկը ուրիշ ոչինչ է, եթէ ոչ` ազգերու եւ պետութիւններու պատմութեան թիւրըմբռնում: Հետեւաբար, վերադառնալով խնդրոյ առարկայ յօդուածին, «անկախութիւնը» կորսնցուցած ժողովուրդները այդ պատճառով չէ, որ 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն ստեղծեցին իրենց պետութիւնը, այլ` հիմնական այն սկզբունքէն, որ «կայսրութիւնը» իբրեւ քաղաքական-վարչական միաւոր տեղ չունէր այդ ժամանակաշրջանին ձեւաւորուող աշխարհաքաղաքական յարաբերութիւններու մէջ: Հետեւաբար հեղինակը կը կատարէ այն նոյն սխալը, որ կատարած էր իր առաջին յօդուածով: Այսինքն դարձեալ ազգերու անկախութեան խնդիրը կ’առնէ իբրեւ մեկնակէտ եւ 20-րդ դարու պատմութիւնը կը դիտէ իբրեւ այդ ձգտումը իրականացնող գործառոյթներու անխուսափելի շարան` առանց խորապէս քննարկելու այն անկիւնադարձային դէպքերը (տպագրութեան գիւտ, աշխարհաբարի տարածում, Ֆրանսական յեղափոխութիւն), որոնք ինքնին ձեւաւորեցին ազգային գիտակցութեան արժէքները:

Հինգերորդ. փաստաթուղթերու խնդիր. հեղինակը կը վերահաստատէ այն պնդումը, թէ հողային կալուածներու շուրջ միջպետական կամ անհատական վէճերու լուծման համար օսմանեան փաստաթուղթերու օգտագործումը բռնագրաւումը օրինականացնելու կը ծառայէ, եւ եթէ անոնք կը նկատուին օրինական, ուրեմն օրինական է նաեւ զայն տուող իշխանութիւնը` Օսմանեան կայսրութիւնը: Սակայն, ինչպէս վերը բացատրեցինք, կայսրութիւններու պարագային օրինական ըլլալ չ’ըլլալու հարցը անհեթեթ է: Ո՞վ է այն դատաւորը, որ ըսէ, թէ Օսմանեան կայսրութիւնը ապօրինի է, որովհետեւ «բռնագրաւած» է այս կամ այն քաղաքը, իսկ հունգարականը կամ ռուսականը` օրինական, որովհետեւ ընդամէնը 10 տարածք բռնագրաւած է եւ ոչ` 15: Օրինաչափութիւնը ինչպէ՞ս կարելի է կշռել: Այս հարցադրումը պատմագրականօրէն եւ միջազգային օրէնքի չգոյութեան մէջ ոչ մէկ մտաւորական լուրջ եզրակացութեան կը յանգեցնէ: Անցնի՛նք: Հեղինակը անտեղի կը գտնէ այն մտահոգութիւնը, որ վերոյիշեալ փաստաթուղթերու փաստարկի հարցը կը խաթարէ Հայ դատի եւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմագրութեան փորձերը: Այս մտահոգութիւնը փարատելու համար հեղինակը կը մէջբերէ այն փաստը, որ եւրոպական արխիւներ ալ կան, որոնք օսմանեաններու հետ առընթեր ծառայած են ցեղասպանագրութեան աշխատանքներուն: Մինչեւ հոս համաձայն եմ: Սակայն ամէնէն վտանգաւորը յաջորդող քանի մը տողերն ու գաղափարներն են: Հեղինակը կ’ըսէ, որ մտահոգութիւնը անտեղի է նաեւ, որովհետեւ թրքական աղբիւրները կը ծառայեն միայն պատմական փաստի մասին վկայութիւններ հարստացնելու եւ ոչ թէ` անհեթեթ կերպով փաստուածը փաստելու: Բայց այս «փաստուած փաստ»-ը ուրկէ՞ եկաւ: Ո՞վ փաստեց, եթէ ոչ` ակադեմականներու այն խումբը, որ կեդրոնանալով օսմանեան արխիւներու վրայ, ստեղծեց Հայոց ցեղասպանութեան պատմագրութիւնը: Միթէ օսմանեան փաստաթուղթերու ընդմէջէն չէ՞, որ հաստատուեցաւ օսմանեան կառավարութեան ցեղասպան նպատակը կամ մտադրութիւնը, նախապայման մը` միջազգային օրէնքով սահմանուած, եղեռն մը` ցեղասպանութիւն որակելու համար: Միթէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը օսմանեան փաստաթուղթերով չէ՞, որ կը փորձէ Սիսի կաթողիկոսութեան եկեղեցապատկան կալուածներուն վերատիրանալ: Եթէ այս բոլորը հիմնուած են փաստաթուղթերու վրայ, որոնք իրաւական որեւէ արժէք չունին, ա՛լ ինչի՞ մասին է խօսքը: Հեղինակին խօսքերով, մենք Թուրքիոյ կը ներկայացնենք իր իսկ կողմէ տրուած փաստաթուղթերը: Ուստի, եթէ մենք կ’օգտագործենք զանոնք, չե՞նք օրինականացներ արդեօք: Իսկ եթէ ոչ, ի՞նչ օգուտ` ապաւինելու անօրինական փոշոտ թուղթերու հաւաքածոյի մը:

Հետեւաբար այս բոլոր մտահոգութիւններէն եւ վերոյիշեալ ճշդումներէն մեկնած, կրկին կոչ կ’ուղղեմ հեղինակին` ուշադիր ըլլալու փաստարկներու գործածութեան մէջ, պահելով անոնց պատմական տրամաբանութիւնը:

vketsemanian@gmail.com

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>