ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
«Արեգ» մանկապատանեկան խումբի աւագ սերունդը 19-26 փետրուարի ընթացքին չորս ելոյթներով ներկայացուց Լորքայի «Պեռնարտա Ալպայի տունը»` բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի: Յօդուածին Ա. մասը անդրադարձած էր թատրերգութեան հեղինակին եւ սպաներէն բնագիրին: Ելոյթը, սակայն, որդեգրած էր բեմադրիչ Վահէ Շահվերդեանի «Պեռնարտան եւ նրա աղջիկները» վերնագրով տարբերակը, որ առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 2001-ին: Թատրերգութիւնը վերջին անգամ ներկայացուած է 15 փետրուար 2015-ին, «Լոռի 21» փառատօնի ընթացքին: Զուգահեռը կը շարունակուի: 2011-ի ելոյթին դերակատարները եղած են Շահվերդեանի նախկին ուսանողուհիները: Ներկայացման փորձէն ետք բեմադրիչը դիմած է ներկաներուն եւ դերասանուհիներուն` «… մտայղացմանը մասնակից դարձնելու նպատակով նաեւ… բոլորի կարծիքն ու առաջարկութիւնները հաշուի առնելու մտադրութեամբ»(1): Նոյն ողջունելի նախաձեռնութիւնը ունեցած էր դաստիարակ-բեմադրիչ Ռ. Առաքելեան (2): Շատ ողջունելի է նաեւ այն կէտը, որ դերասանուհիները եւ թեքնիք կազմը ուսումնասիրած էին իրենց դերերը: Դերասանուհիներուն մեծ մասը ունէր առողջ հետաքրքրութիւն եւ համեստութիւն:
Որմազդ, բեմայարդարում եւ տարազներ.- Որմազդը ցոյց կու տայ ճաճանչող գերբնական բու մը, որ իր մագիլներուն մէջ առած է Պեռնարտա Ալպայի տունը: Բեմադրիչը կը նշէ, որ երեք հորիզոնական էջերը կը ներկայացնեն «տարբեր խաւեր, որոնք բոլորն ալ ի վերջոյ ենթակայ են մագիլի ուժին, կամ` անազատութեան կանոնին… »: Որմազդը ոչ միայն ձեւական, այլեւ գաղափարական նմանութիւն ունի ամերիկեան «Սփաթլայթ թիէթըր»-ի մօտեցումին (2013): Անորոշ բնազանցական չարաղէտ ուժ մը կ’իշխէ բոլորին վրայ: Մինչդեռ բռնութիւնը ոչ թէ բոլոր խաւերուն վրայ է, այլ մէկ խաւի բռնութիւնն է միւսին վրայ: Տղամարդիկ կը ճնշեն կիները, Ֆրանքոյի բռնատիրութիւնը շնչահեղձ կ’ընէ Սպանիան: Որմազդը կը չէզոքացնէ թատրերգութեան քաղաքական ասքը եւ զայն կը պարպէ յեղափոխական լիցքէ: Կարելի չէ պայքարիլ անիմանալի, բնազանցական ուժերու դէմ: Մինչդեռ ոչ միայն կարելի, այլեւ անհրաժեշտ է տապալել բռնակալը:
Բեմին վրայ տիրող գոյնը սպիտակն էր, ինչ որ յարիր է Ալպա անուանումին: Աջ, այսինքն ուժեղ կողմը յատկացուած էր «իշխանաւոր» Պեռնարտայի, իսկ ձախ կողմը` իր ստորադաս դուստրերուն: Այս համահունչ է բեմի դասական բաժանումին: Նախընտրելի էր, որ աղջկանց մուտքը ըլլար աւելի նսեմ մակարդակի վրայ: Նախընտրելի էր նաեւ, որ ճակատի դարպասը ըլլար աւելի փոքր: «Իմաստութեան բանբեր» Փոնսիա տունը կը նմանեցնէ կուսանոցի մը: Կուսանոցները կ’ունենան նեղլիկ անցքեր դէպի արտաքին աշխարհ: Նախընտրելի կ’ըլլար ճարել սպանական ճաշակի փայտեայ կոշտ ու ծանր փայտեայ աթոռներ: Աթոռներու վրայ լքուած օժիտը կը յիշեցնէր փոշիէ պաշտպանելու համար գործածուած սաւաններ: Դուստրերէն ոմանք նոյնիսկ առանց վարանելու կը բազմէին այդ «ասեղնագործ» օժիտներուն վրայ: Ի սպառ կը բացակայէին Լորքայի նշած առասպելական պաստառները: Պարզ է, որ բացակայէին, որովհետեւ բացայայտ ճիգ կար տունը նմանեցնելու բանտի մը: Փշալարեր, երկաթեայ ձողեր, շղթաներ, ձեռնակապեր, հաստ պարաններ եւ` ոչ միայն: Այս ոչ միայն գեղարուեստականօրէն գոհացուցիչ չէ, այլեւ նոյնիսկ վիրաւորական` հանդիսատեսին համար: Հարկ էր, որ բեմը թելադրէր, այլ ոչ թէ չափազանցութեամբ նմանակէր բանտը: Օժիտի սնտուկը ունէր գորշ, անհրապոյր տեսք: Այս կարելի է հասկնալ այլաբանական չարաբաստիկ իմաստով: Կարելի չէր հասկնալ սակայն, թէ ինչո՞ւ սնտուկի ճակտին ամրացուած էր պղնձեայ կաթսայի կափարիչ մը, եւ թէ` ինչո՞ւ կեդրոնի պատուանդանին վրայ թառած էր փետրատ հաւազգի մը:
Հինգ աղջիկներու հագուկապը յարիր էր ֆլամինկօ տարազին: Երբեք վայել չէր խստաբարոյ, առաւել եւս իրենց հօր թաղումէն վերադարձող սգակիր Պեռնարտայի դուստրերուն, որոնք հարկ է, որ յիշեցնէին կուսակրօն քոյրեր: Հասկնալի է, որ անփորձ աղջնակները որեւէ պատասխանատուութիւն չունին: Ընդհակառակն, անոնք կը կրեն հետեւանքը: Տարազներու պատասխանատու անձը պարտաւոր էր կատարել որոշ ուսումնասիրութիւն: Այս ուղղութեամբ գոյ են բազմաթիւ յստակ թատերական ցուցմունքներ եւ գծանկարներ: Կողքի նկարը, օրինակ, ցոյց կու տայ Անկուսթիասի հաւանական տեսքը: Աւելի՛ն. հինգ դուստրերը պէտք չէր կրէին միեւնոյն տարազը: Իւրաքանչիւրին հագ ու կապը հարկ է, որ արտայայտէր անոր նկարագիրը:
Նոյնինքն Պեռնարտայի շրջազգեստը շռայլօրէն ցոյց կու տար անոր զիստը: Պեռնարտա իր վզին շուրջ ունէր արնագոյն ժապաւէն մը, որմէ կը թուէր կախուած ըլլալ բոժոժ մը: Կարմիր ժապաւէնը խորհրդանիշ է մահուան: Ունի նաեւ այլ աննպաստ թելադրանք: Իսկ բոժոժը կը յիշեցնէ մուկերու առակը: Պեռնարտա իր հագուստը եւ մազերը զարդարած էր արնագոյն վարդերով: Այս անյարիր է իր մաքրակրօն տիպարին: Ի՞նչ տրամաբանութեամբ Պեռնարտա միակ նշանուած աղջկան` Անկուսթիասին, կ’արգիլէ գործածել հազիւ նշմարելի շպար, երբ բոլորը շպարուած են եւ կը կրեն խայտաբղէտ տարազներ:
Այն ելոյթին, որուն ներկայ էի, Պեռնարտայի եւ Մարթիրիոյի մազերը հաւաքուած էին: Այս յարիր է այն մտքին, թէ Մարթիրիօ կը փորձէր նմանիլ մօր եւ ժառանգել անոր իշխանութիւնը: Մնացեալ դուստրերուն մազերը արձակուած էին: Այս կրնայ նշանակել ազատութեան ձգտում: Պէտք չէ մոռնալ, որ մազերը արձակելը կը թելադրէ նաեւ սանձարձակութիւն: Այս իմաստով հարկ էր, որ Փոնսիայի մազերը աւելի զուսպ յարդարուէին:
Աւարտական տեսարանին մէջ դուստրերը կը ճօճէին գոյնզգոյն լաթեր: Այդ ելոյթը բացակայ է բնագիրէն: Լաթերը խորքին մէջ բողոքի դրօշներ էին եւ, առ այդ, հարկ է՛ որ ըլլային միագոյն: Վահէ Շահվերդեանի բեմադրութեան մէջ անոնք (լուսաւորութեան պատճառով) կը թուէին ըլլալ ըմբոստութեան կարմիր դրօշներ:
Երաժշտութիւն եւ լուսաւորում.- Ելոյթի ձայնային մասը հիմնուած էր երաժշտութեան վրայ ծանօթ ժապաւէններու, որոնց, ինչպէս նախապէս նշած էի, աւելցուած էր «Էլ վիվա Էսփանիա» փասսօ տոպլը եւ «Իթալի սթրիիթ լավ» («Փողոցային սէր» 1984), որ կը պատկանի նոյնպէս ժապաւէններու երաժշտութիւն արտադրող Սթեֆեն Շլաքսի: Միակ բացառութիւնը Աւետ Տէրտէրեանի 6-րդ համանուագէն առնուած կարճ հատուած մըն էր: Ձայներու բաղադրումն ու զօդումը կատարուած էր բաւական բարձր ճաշակով եւ վարպետութեամբ: Ընտրուած գործերը, սակայն, շուկայական ժապաւէններ են, որոնք գաղափարական առնչութիւն չունին թատրերգութեան հետ: Այս ժապաւէններէն էին` «Տը թին ռետ լայն» (1998), որ կը պատմէ ամերիկեան բանակի Խաղաղական ովկիանոսի մէջ մղած պատերազմին մասին, «Լաւ ին տը թայմ աֆ քոլերա» (2007): Համաճարակը եւ ամուսիններու հարցերը տեղի կ’ունենան Քարայիպեան ծովի անյայտ մէկ անկիւնին մէջ, «Տը տապըլ լայֆ աֆ Վերոնիք» (1991) կնոջ մը մասին, որ յանկարծ կը հանդիպի իր կրկնօրինակին, եւ վերջապէս Սփիլպըրկի շատ ծանօթ «Ճոզ»-ի («Շանաձուկ», 1975) ժապաւէնի «պամ-պամ-պամ-պամ» բներգը, որ այնքան շապլոն դարձած է եւ այլեւս կը գործածուի զաւեշտական ժապաւէններու եւ զուարճախօս ելոյթներու մէջ: Ոչ բանաւոր բացակայ էին հնձուորներու եւ տատիկի յոյժ գեղարուեստական երգերը…
Ելոյթը աւարտեցաւ մուտքի երաժշտութեամբ: Բայց միթէ թատերական վիճակը վերադարձա՞ծ էր սկզբնակէտին: Չէ՞ որ Փեփէ վտարուած եւ նզովուած էր, ըմբոստը` անձնասպան եղած, եւ Պեռնարտայի մականը` կոտրուած…
Ձայնի կապակցութեամբ կարելի է նշել, որ գազազած ամբոխի լեզուն յստակօրէն արաբերէն էր, ոչ սպաներէն: Արդեօք այդ քաղաքական ակնա՞րկ էր` ուղղուած մերօրեայ խժդժութեանց:
Լուսաւորումը միապաղաղ էր: Ունեցաւ երկու միջամտութիւն: «Է վիվա Էսփանիա» երաժշտութեան ընթացքին փայլատակեցան տիսքօ լոյսեր: Իսկ աւարտական տեսարաններու լոյսը կրկին միապաղաղ կարմիր էր: Այս կրնայ ներշնչուած ըլլալ նաեւ Վահէ Շահվերդեանի մեկնաբանութենէն: Լուսաւորութիւնը կրնար շատ աւելի ազդու դեր ունենալ: Մենք տեսանք, թէ ինչպէ՛ս լուսաւորումը շեշտած էր Պեռնարտայի կտրուկ ուրուագիծը, թէ` լոյսը կը թուէր բխիլ Փոնսիայէն (ձախ), հետեւաբար Պեռնարտայի դէմքի աջ կէսը մթութեան մէջ էր… եւ այլն…
Լեզուական.- Կը թուի, թէ Վահէ Շահվերդեանի թարգմանութիւնը արեւմտահայերէնի վերածուած է արեւելահայու մը կողմէ: Առաջին հերթին կան ոչ նուազ քան 25 ցցուն լեզուական խախտումներ: Աւելի վրդովիչ երեւոյթը արեւմտահայերէնի հանդէպ անփոյթ եւ նոյնիսկ արհամարհական կեցուածքն է, որուն ցաւօք յաճախ կը հանդիպինք հայրենի թատրոնի եւ շարժապատկերի մէջ: Բեմէն հնչեցին բազմաթիւ փողոցային եւ թրքաբարբառ դարձուածքներ: Կու տամ քանի մը օրինակ: Պեռնարտա կացին պահանջեց, որպէսզի Ատելայի դուռը «կտրէ»: «Պառկիլ» բայը առնուազն երկու անգամ գործածուեցաւ քնանալու իմաստով: Պեռնարտա գանգատեցաւ, թէ իր դուստրերը «հօրքուրներուն քաշեր են»: Անոր դուստրերէն մին ողբաց` «Կեանքիս մէջ չեմ ամուսնանար», իսկ միւսը մխիթարուեցաւ` «Կարեւորը ես հաւնած եմ» եւ այլն… Հայրենի բեմադրիչի մը ելոյթը պէտք չէ, որ «նուիրականացնէր» մեր սխալախօսութիւնները:
Նուիրականացուած էր նաեւ մեր ֆէյսպուքային սխալագրութիւնը: Բոլոր «p» հնչիւնները տառադարձուած էին որպէս «բ», իսկ բոլոր «t» հնչիւնները` որպէս «դ»… եւ ոչ միայն: Կային նաեւ քերականական խախտումներ:
Երկխօսութիւնները գրքունակ էին եւ անգոյն: Լեզուն գեղեցիկ չէր: Բանաստեղծականութեան մասին կարելի չէ իսկ խօսիլ: Բնագիրին մէջ արագահարուած գնդացրային բառախումբերու կը յաջորդեն լուռ, ակնկալութիւններով յղի պահեր: Ներկայացման մէջ յարգուած չէր այս կշռոյթը: Առոգանութիւնը տուժած էր, որովհետեւ առանց բարձրախօսի օգնութեան` աղջնակները պարտադրուած էին ճչալ:
Կային «զուարճախօսական» յաւելումներ, ինչպէս` «Շուները կոկորդնին պիտ’ պատռեն»: Գոյ էր նոյնիսկ զուարճախօսութիւն` ի կորուստ բնագիրի իմաստին: Կու տամ քոյրերու ասեղնագործութեան տեսարանէն հատուած մը` ըստ սպաներէն բնագիրին: Անկուսթիաս կ’ըսէ, թէ այդ իր երրորդ սաւանն է: Մարթիրիօ կ’ասեղնագործէ քրոջ` Ամելիայի համար: Ներկայացման մէջ Անկուսթիաս կ’ըսէ, թէ այդ իր եօթներորդ սաւանն է, իսկ Մարթիրիօ կը սրամտէ, թէ իրը ութերորդն է: Քրոջ համար հիւսելու գաղափարը անտեսուած է յանուն զաւեշտականութեան: Ի դէպ, դուստրերը իրենց ասեղներով սաւանին կրնան կպցնել ոչ թէ Փեփէն (թէեւ այդ պիտի փափաքէին), այլ` անոր անուան սկզբնատառերը:
Գոյ էր նաեւ ուղղակի սխալ թարգմանութիւն: Կու տամ լոկ երկու օրինակ.
Ելոյթ.- Ատելա – Մայրի՛կ, երկնքէն երբ աստղ մը կ’իյնայ, ինչո՞ւ կ’ըսեն, թէ մէկը պիտի մեռնի:
Պեռնարտա.- Նախապաշարումներուն մի՛ հաւատար աղջիկս:
Բնագիր.- Ատելա – Մայրի՛կ, երբ երկնքէն աստղ մը իյնայ, ինչո՞ւ մարդիկ կ’աղօթեն սրբուհի Պարպարայի:
Պեռնարտա.- Մեր նախնիները գիտէին շատ բաներ, զորս մենք մոռցած ենք:
Կը տեսնենք, որ թարգմանութիւնը գլխովին հակառակ է բնագիրին: Պեռնարտա աստղաբաշխութիւնը կը համարէ իմաստուն նախնիներու ժառանգ, զոր մենք չենք կարողացած պահպանել: Պեռնարտա սնոտիապաշտ է:
Ելոյթի մէջ` Փոնսիա.- Ես իմ դասերը ձեր մօրմէն ստացած եմ:
Բնագիրի մէջ` Փոնսիա.- Ես ձեր մօր դպրոցին կը պատկանիմ:
Իմա` ինք եւս խիստ է եւ այլն: Փոնսիա տարեկից է Պեռնարտայի (60 տարեկան), բայց իր փորձով, գիտելիքով եւ մտային մակարդակով բարձր է Պեռնարտայէն: Պեռնարտա բացայայտօրէն կը յայտարարէ, թէ «մտածելը կը խանգարէ»(3): Ելոյթին մէջ երկու տիպարներու յարաբերութիւնը գլխիվայր շրջուած էր:
Սպանացի մեծ բանաստեղծ-թատերագիրը արժանի էր շատ աւելի ուշադիր վերաբերմունքի:
————————