Տեղին է հարց տալ, թէ պատահածը ռուսական ռուլեթի անուակի կիրարկո՞ւմ է, թէ՞ պարզապէս առաքելութեան աւարտ:
Պատասխանը` իւրայատուկ փութինեան ոճ, որոշում, կամ աւելի ճիշդը` քաղաքական մարտավարութիւն:
Այսպէս, Սուրիոյ պատերազմի հնգամեակի օրն իսկ Ռուսիա անակնկալի բերաւ դէտերը` պաշտօնապէս տեղեկացնելով, թէ Սուրիոյ մէջ իր առաքելութիւնը աւարտած է, եւ նախագահ Պաշշար Ասատի ղեկավարութիւնը տապալելու փորձերը` փարատած:
Զօրքն ու ծանր հրետանին սկսան վերադառնալ Ռուսիա` անշուշտ պահելով կարեւոր ընտրանի մը` իբրեւ կորիզ, մօտէն հետեւելու եւ շտապօրէն միջամտելու հրամայականով: Այս գծով, յստակօրէն կը պարզաբանէ Քրեմլինի պատասխանատուներէն Սերգէյ Իվանով` նշելով, որ` «Այս կատարուածը նահանջ չէ, այլ ընդհակառա՛կը, եթէ կարիքը կայ, պիտի կրկնապատկենք մեր միջամտութիւնները: Բան մը, որուն համար մնացող ընտրանին բաւարար է»:
Այս արագ որոշումով Փութին անակնկալի բերաւ Արեւմուտքը:
Արեւմուտք մը, որ նոյնքան անակնկալի եկած էր, երբ քանի մը ամիս առաջ Ռուսիոյ զօրքը պաշտօնապէս, յաւելեալ ուժերով մուտք գործած էր Սուրիա:
Արեւմուտք մը, որուն միջամտութիւնները միշտ ալ տեւած են տարիներ եւ բազմիցս աւարտած են տարբեր ճակատագիրներով:
6 նոյեմբեր 2015-ին, յետահաբեկչական արարքի, ռուսական ճամբորդատար օդանաւի մը ջախջախումը պատճառ հանդիսացած էր, որ քանի մը օր ետք կատարուի այս ներխուժումը:
Ներխուժում մը, որ իր ռազմական գործընթացով եղաւ կատաղի եւ գերկատարելագործուած: Քանի մը ամիս ետք Դամասկոսի, Հալէպի եւ հիւսիսարեւմտեան շրջաններու վտանգաւոր գօտիները կարելի եղաւ ձերբազատել ՏԱՀԵՇ-էն: Հաւանաբար, ամէնէն աւելի անկիւնադարձային իրադարձութիւնը, այս քանի մը ամսուան միջամտութեան ընթացքին, ռուսական օդուժի մէկ «Սուխոյ»-ին վար առնուիլն էր Թուրքիոյ սահմանէն, որ ցայսօր ստեղծած է քաղաքական տագնապ մը` երկու երկիրներուն միջեւ:
Անշուշտ ռուսական այս անակնկալ քայլը նաեւ ունի իր տնտեսական եւ ընկերային դրդապատճառները: Վառելանիւթի սակի անկումն ու ընդհանրապէս երկրէն ներս տնտեսական դժուար պայմանները, առաւել, երկար կեցութեան պարագային, յաւելեալ բանակային զոհերու վտանգը, որ կրնայ խոր դժգոհութիւն ստեղծել:
Հաւանաբար անտեղի պիտի ըլլայ մանկամտօրէն հարցադրելը, թէ արդեօք այս որոշումը առնուած է առանց տեղեկացնելու եւ ուսումնասիրելո՞ւ Ասատի ղեկավարութեան հետ:
Դեռ քանի մը օր առաջ արտաքին գործոց նախարարը Մուալեմի այն խօսքը, թէ` «Սուրիացին ինք պիտի ընտրէ իր ղեկավարութիւնը», պատասխանն է այդ գործընթացին:
Կարկինը յաւելեալ նեղցնելով եւ հայորդիի աչքով «դիտելով» այս կացութիւնը, հոս հետաքրքրական է նշել, թէ ռուսական օդանաւի ջախջախումէն եւ ռուսական ներխուժումի օրերուն Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող բանաձեւը Ռուսիոյ խորհրդարանին ներկայացուած էր: Հարցը ամենայն մանրամասնութեամբ արծարծուեցաւ Քրեմլինի մէջ: Մինչդեռ Սուրիայէն «հեռանալու» որոշումէն քանի մը օր առաջ Ռուսիոյ բարձրագոյն դատարանը բացասական հակազդեցութեամբ մը մերժեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին համար քրէական պատասխանատուութիւն նախատեսող բանաձեւը:
15 մարտ 2016