ՅԱՐՈՒԹ ՉէՔԻՃԵԱՆ
«Ազդակ»-ի 17 փետրուար 2016 թիւին «Հայրենի կեանք» բաժինի «Մշակոյթի նշանաւոր գործիչներ կոչ կ՛ուղղեն` պահպանելու պատմամշակութային շինութիւններն ու յուշարձանները» նաեւ «Երկիր»-ի 12 փետրուար 2016 թիւին մէջ լոյս տեսած «Երեւանը գիւղից եկած, թունդ շպարուած աղջկայ է յիշեցնում. արուեստագէտները պահանջագիր են ներկայացնում» յօդուածը կը ներկայացնէ խումբ մը արուեստագէտներու` Միքայէլ Պօղոսեանի, Արամոյի, Հրանդ Թոխաթեանի, Զարուհի Մուրատեանի, Զաւէն Սարգիսեանի, Լիլիթ Պիպոյեանի, Մարք Գրիգորեանի, Արթուր Իսպիրեանի, Հրանդ Վարդանեանի, Տիգրան Հեքեքեանի, Դաւիթ Մաթեւոսեանի կոչը` դադրեցնելու Երեւան քաղաքի հին շէնքերու քանդումի հոլովոյթը: Անոնք «Քաղաքացիական պահանջագիր» պատրաստած են յանձնելու համար Երեւանի քաղաքապետութեան: Պահանջագիրը կ՛ըսէ.
«Մենք բարձրաձայնում ենք հազարաւոր մտահոգ քաղաքացիների բողոքն ու վրդովմունքը. հանրութեան շահը պահանջում Է պահպանել եւ վերականգնել մեր ինքնութեան մաս հանդիսացող մշակութային արժէքները: Մեր յստակ պահանջն է` դադարեցնել պատմամշակութային յուշարձանների շարունակական ոչնչացումն ու որդեգրել դրանց պահպանման, խնամքի եւ մշակութային ժառանգութեան վերականգնման պետական քաղաքականութիւն»:

Արուեստագէտները մամլոյ ասուլիսի պահուն

Ամիրեան թիւ 1 շէնքի ճակատը
Այս բողոքի դրդապատճառը Արամի փողոցի աւելի քան հարիւրամեայ իւրայատուկ հնութիւն ունեցող թիւ 30 շէնքի քանդումն է «մայթը լայնեցնելու պատրուակով. կը մէջբերեմ.
«Արամի 30-ը քանդեցին գիշերով: Տարածքում հիւրանոցային համալիր կառուցողը` Աւետիս Գարագուլեանը, անկեղծ խոստովանել էր` վախենում էին, որ ակտիւիստները կը խոչընդոտէին իրենց «աշխատանքին»: Երեւանցիների կողմից սիրուած շէնքը քանդելը բողոքի մեծ ալիք բարձրացրեց»: Ստորեւ կը մէջբերեմ բողոք ներկայացնող կարգ մը արուեստագէտներու կարծիքը:
Դերասան Միքայէլ Պօղոսեան կ՛ըսէ. «Քաղաքի դիմանկարը հիմա աղաւաղուած է, եւ ոչ թէ քաղաքաշինութեամբ են հիմա զբաղուած, այլ` շէնքաշինութեամբ. շէնք կառուցելու մոլուցքը Երեւանի դիմանկարն են դարձնում: Բոլորս ժամանակաւոր ենք, բայց իրաւունք չունենք ժամանակի հետ խաղեր տալու»:

Արամի 30 շէնքը եւ բաւական «լայն մայթը»

Արամի 30 շէնքը` քանդուած
Լրագրող, վերլուծաբան Մարք Գրիգորեան կ՛ըսէ. «Ցաւն այն է, որ մենք հիմա ստիպուած ենք բացատրել, թէ ինչո՛ւ է անհրաժեշտ Երեւանի պատմութիւնը պահպանել, պահպանել այդ պատմութեան նիւթական, առարկայական վկաները` շէնքերը: Այդ ինչպէ՞ս է ստացւում, որ հպարտանալով հայ ժողովրդի դարաւոր պատմութեամբ` հիմա քանդում, ոչնչացնում ենք պատմութեան վկաներին: Քանդելով մեր հին շէնքերը` զարմանալի ձեւով մեզ զրկում ենք մեր անցեալից ու ապագայից: Պէտք է յիշես, որ հնարաւորութիւն ունենաս ապագայ կերտելու: Գիտէ՞ք` ի՛նչն է տարածքը քաղաք սարքում` յիշողութիւնը, պատմութիւնը, մեր անձնական յուշերը, որը կորցնելու իրաւունք չունենք»:
Երգիչ-երգահան Լիլիթ Պիպոյեան կ՛ըսէ. «Մենք պէտք է վայրի դրամատիրութեան դիմացն առնենք, քանի որ մարդիկ կենտրոնը սարքել են շէնքերի կոյտ, որտեղ ոչ ոք չի էլ բնակում: Աբովեանի վրայ գտնուող հրշէջների շէնքի ճարտարապետը Երեւանի առաջին ճարտարապետ Նիկողայոս Բունիաթեանն է եղել, ու հիմա որոշել են քանդել այդ շէնքը: Ո՞վ է որոշում լաւն ու վատը, եւ ինչո՞վ է լաւը լաւ համարւում, չէ՞ որ երբեմն պարզ ու յստակ կառոյցներն աւելի հմայիչ են»:
Այս բողոքի ելոյթէն եւ քաղաքապետութեան կողմէ «այսպիսի դէպքեր չկրկնուելու» հաւաստիքէն շուրջ շաբաթ մը ետք տեղի ունեցաւ Ամիրեան փողոցի մշակութային արժէք ներկայացնող 1850 թուականի շինութիւն թիւ 1 հասցէի «Աւետիք Իսահակեանի» անուան գրադարանի նախկին շէնքի արդէն միայն ճակատի պատը մնացած բաժինի քանդումը, որ միայն կարելի եղաւ վերջին պահուն քաղաքացիական միջամտութեամբ կասեցնել: Ըստ շինարարին, իրենք պիտի քանդէին 1970-ական թուականներուն աւելցուած հատուածը:
Պէյրութ քաղաքի Կեդրոնական շուկաներու եւ յարակից հողամասերու անիրաւ կերպով յափշտակուած կալուածներուն վրայ եւ հոն գտնուող ու դարերու հնութիւնները թաղելով կամ քանդելով արդիական բնակարանային շէնքեր կառուցելու հոլովոյթը, երբ ոեւէ քաղաքացի նիւթական կարողութիւնը չունի զանոնք վարձելու կամ գնելու, ուր շրջանի ապահովութեան ընկերութեան պահակներուն թիւը կը գերազանցէ շուկայի գնորդներու թիւը, այս տխուր, ահռելի եւ անընդունելի վիճակի՞ն կ՛ուզեն մատնել Երեւանը:
Պէյրութ քաղաքը մինչեւ 1990-ական թուականները կը ներկայացուէր ծովէն նկարուած համայնապատկերը` լիբանանցիին եւ օտարին համար Պէյրութի խորհրդանիշը դարձած պանդոկ «Սեն Ժորժ»-ի եւ շրջապատի ցերեկային ու գիշերային հմայիչ տեսարանով: Փտածութիւն մարմնաւորող կալուածային ընկերութիւնը կ՛ուզէ քանդել այս կառոյցը, եւ արտօնութիւն չի տրուիր պատերազմի պատճառով վնասուած պանդոկը վերանորոգելու` քաղաքացիական մեծ ընդվզում յառաջացնելով:

Պէյրութի խորհրդանիշ դարձած «Սեն Ժորժ» պանդոկը 1960-ին

«Սեն Ժորժ»-ի քանդումին դէմ բողոքի այժմու պաստառը
Շատ կը լսենք հայրենիքի ժողովուրդին աղքատութեան մասին: Հոս պիտի փորձեմ թուաբանական պարզ հաշուով ներկայացնել 2015 թուականի Հայաստանի քաղաքացիին մօտաւոր ամսական վարձակալական ծախսը` հիմնուելով նաեւ մեր մէկ ամսուան իբրեւ վարձակալ կեցութեան փորձառութեան վրայ` առանց նկատի առնելու վարձքին համեմատաբար շատ բարձր գումարը: Անգիր օրէնք է, որ տան մը վարձքը պէտք է ըլլայ վարձակալի եկամուտին առաւելագոյնը շուրջ մէկ երրորդը: «Նշեմ նաեւ, որ 2015 թուականին հանրապետութիւնում միջին ամսական աշխատավարձն աճել է 7,8 տոկոսով` կազմելով 184,441 դրամ (շուրջ 376 տոլար), ընդ որում` աճը պետական համակարգում կազմել է 8,2 տոկոս, եւ 7 տոկոս` մասնաւոր հատուածում» (նախագահ Սարգսեանի 12 փետրուար 2016-ի ուղերձէն), մինչ նուազագոյն աշխատավարձը 1 յուլիս 2015-էն սկսեալ բարձրացաւ 55.000 դրամի` շուրջ $112:
Ուրեմն տան մը վարձքը մէկ երրորդի հաշուով` պէտք է տարուբերի ամսական 61.480-18.333 դրամի կամ` $125-$37: Մեր վարձած երկու սենեակնոց տան մնացեալ ամսական ծախսերը (օգոստոս 2015-ին) ջուր` 8000 դրամ կամ` $16, ելեկտրականութիւն` 13700 դրամ կամ` $28, համացանց 6000 դրամ կամ` $12.25, իսկ կազի պարագային կը տարուբերի 5000-12.500, մօտաւոր ամսական միջինը` 7760 դրամ (ըստ ծանօթներու), կամ $10-$25` ըստ եղանակի, մօտաւոր միջինը` շուրջ $16: Հետեւաբար յարակից ամսական ծախսերուն գումարը կը հասնի շուրջ 35.460 դրամի, կամ 72.36 ամ. տոլարի, որ կը համապատասխանէ նուազագոյն ամսականին երկու երրորդին: Այս պարզ հաշուով նուազագոյն ամսականը ամբողջութեամբ կը յատկացուի տան վարձքին եւ յարակից ծախսերուն, եթէ երբեք մէկ երրորդ ամսական վարձքի կանոնով տուն գտնուի, շուրջ` 18.000 դրամի: Ուրեմն նուազագոյն ամսականով անհատը առանձին չի կրնար ապրիլ, եւ կարիքը ունի տան մէջ երկրորդ աշխատողի մը, որ հոգայ ապրուստի մնացեալ ծախսերը` երկու անձի համար (ամոլ) նուազագոյն ամսականի օրական 1833 դրամով կամ` 3.74… որով անհնար է գոյատեւել եւ ընտանիք կազմել:
Որո՞նց համար կը քանդուին քաղաքին պատմամշակութային արժէք ներկայացնող շէնքերը եւ փոխարէնը կը կառուցուին Երեւանի նոր բնակարանային շէնքերը` նուազագոյն ամսականին 27 անգամը, եւ միջին ամսականին 8 անգամը եղող 500.000-1500.000 դրամ 1000-3000 տոլար անտրամաբանական ամսական վարձքով (ըստ համացանցի ծանուցումներուն): Կամ` բաւարար չե՞ն Երեւանի շուկայ համալիրները (մոլ), որոնք ընդհանրապէս զբօսավայրեր են, քան` առեւտուրի կեդրոններ, դատելով ընդհանրապէս առանց գնումի համալիրէն դուրս ելլող քաղաքացիներէն… Այս շուկայ- համալիրները նաեւ արգելք կը հանդիսանան փոքր եւ միջին մակարդակի անհատական նախաձեռնութիւններուն, որ հիմքը պէտք է կազմէ քաղաքացիական ազատ եւ առողջ տնտեսութեան` միջին դասակարգին:
Յստակ է, որ այս շինութիւնները ընդհանրապէս «օտարներուն» կամ ապօրինի կերպով հարստացողներուն համար մատչելի են: Երեւանը օտարներուն, փտածութեան աւագանիին եւ անոնց զաւակներո՞ւն պիտի պատկանի: Ընկերային այս յոռի երեւոյթին առաջքը պէտք է առնուի: Ոմանք այս աղէտը իբրեւ «յառաջդիմութիւն» կամ «զարգացում» կը բնութագրեն, սակայն տնտեսական բնականոն կերպով զարգացումը բարգաւաճումը նախ կը սկսի քաղաքացիին արժանապատիւ կերպով ապրելու միջավայր եւ միջոցներ ապահովելով եւ ոչ թէ քարով ու շէնքով` այսպիսով նուազեցնելով դասակարգային անհամեմատելի եւ ոճրային տարբերութիւնը` անիրաւութիւնը: Բնաւ զարմանալի չէ, որ «պարզ» քաղաքացին ընդհանրապէս ատելութեամբ կ՛արտայայտուի «վերնախաւին» մասին, որ 25 տարի առաջ տնտեսապէս չէր տարբերեր միւս քաղաքացիէն…
Երիտասարդը ի՞նչ հեռանկարով բազմանդամ ընտանիք պիտի կազմէ այս պայմաններով: «Աներեւակայելի» գումարներ ինչպէ՞ս պիտի վաստկի, որպէսզի նմանի «միւսներուն»: Հեռատեսիլի զիրար «գերազանցող» ու անմարսելի, ոճրային, յոռի, տարօրինակ եւ անընդունելի բարքերով յագեցած «սերիալներու» մշակոյթի վաշխառու հերոսնե՞րը պիտի կապկէ:
«Բարեկարգ Երեւան» շինարարական լոզունգով` անուղղակի կերպով պէտք չէ ջնջուի Երեւանի դիմագիծը, եւ երեւանցին ինքզինք պէտք չէ օտար զգայ իր հարազատ միջավայրին, այլապէս այլանդակուած քաղաքին մէջ: Ինչպէս որ ես, Պէյրութ ծնած եւ մեծցած, ինքզինքս օտար կը զգամ իմ քաղաքիս այլանդակուած կեդրոնին մէջ, ուր կը գտնուէր հօրս տարբեր ժամանակներու երկու շուկաներու ոսկերչական քանդուած խանութները, որոնց վայրը նոյնիսկ կարելի չէ գտնել ներկայիս:
Աւարտին, պէտք է յիշել նաեւ դրականը. Երեւանի քաղաքապետութիւնը նոր բնակարաններ կը նուիրէ որոշ պայմաններ լրացնող անձերու` նահատակ զինուորներու ընտանիքներուն, արուեստագէտներուն եւ այլն, ինչ որ գնահատելի երեւոյթ է: Միւս կողմէ, նաեւ, պետական հովանաւորութեամբ բնակարանային համալիրներ կը կառուցուին համալսարանականներու եւ այլ շերտի անձերու յատուկ` մատչելի գիներով եւ երկարաժամկէտ վճարման եւ ցած տոկոսային պայմաններով:
Երեւանի կեդրոնը պէտք է մնայ պատմական ու հմայիչ` իր հին ու նեղ «մայթերով», թաղերով եւ բնակիչներով` իսկ արդիական Երեւան մը կարելի է կառուցել կեդրոնէն հեռու, ինչ որ արդէն կը կատարուի: Ընկերային արդարութիւնը անբաժան մասն է կայուն ու ապահով զարգացման, որ այլ բնագաւառներու կողքին կը պահանջէ ուսումնասիրուած, կալուածային ու շինարարական արդար, մատչելի ու տրամաբանական ռազմավարութիւն:
14 մարտ 2016