Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13453

Խմբագրական «Գանձասար»-ի (Մարտ Ա.) Քաղաքացիական Պարտաւորութիւն Եւ Իրաւունք

$
0
0

Անկախ սուրիական տագնապի զարգացումներէն` անցնող հինգ տարիներուն երկրի պետական կառոյցներու գոյատեւումը Սուրիոյ պահպանման հիմնական պատուանդանը հանդիսացաւ:

Ու թէեւ տուժեց երկրի տնտեսութիւնը, կանգ առաւ յառաջդիմութեան անիւը ընդհանրապէս ու համարեա՛ աւերակ դարձան Սուրիոյ շարք մը քաղաքներ, այնուամենայնիւ պետական կառավարման մեքենան կայուն մնաց:

Սուրիական բանակն ու պետութիւնը զուգահեռաբար պայքարեցան ու կը շարունակեն պայքարիլ` կանգուն պահելու Սուրիան:

Ներքին մարտահրաւէրներու դիմագրաւման կողքին, Սուրիոյ պետութիւնը տագնապի լուծման առնչուող արտաքին, յարաբերական աշխատանքները շարունակեց միեւնոյն վճռակամութեամբ: Զինադադարի յաջողութեան մէջ փաստօրէն մեծ դեր ունեցան արտաքին, յարաբերական աշխատանքներն ու սուրիական կողմին տագնապին սկիզբէն իսկ վարած կայուն, հեռանկարային քաղաքականութիւնը:

13 ապրիլ 2016-ին տեղի պիտի ունենան Սուրիոյ խորհրդարանական օրէնսդրական երկրորդ նստաշրջանի ընտրութիւնները:

Պետական ներկայացուցիչներու հաստատումով, ընտրութիւնները կ՛արտացոլացնեն Սուրիոյ սահմանադրութեան տրամադրութիւնները եւ ուղղակիօրէն չեն առնչուիր սուրիական տագնապի լուծման ուղղուած միջազգային ջանքերուն: Իսկ Սուրիոյ պետութիւնը բնականաբար պիտի չարտօնէր տագնապին պատճառով որեւէ բացթողում արձանագրել պետական համակարգի գոյատեւումը երաշխաւորող կառոյցներու գործունէութեան մէջ: Այս պարագային, խորհրդարանի ընտրութեան յաջողութիւնը էական է պետական կառոյցի պահպանման գործընթացին մէջ, նկատի ունենալով, որ խորհրդարանը պետութեան ամենակարեւոր բաղադրամասերէն մէկն է:

Բնականաբար, սակայն, խորհրդարանական ընտրութիւններու յաջողութիւնը պիտի ամրագրէ սուրիական պետութեան դիրքը նաեւ յառաջիկայ բանակցութիւններու ընթացքին: Փաստօրէն Սուրիոյ ժողովուրդի նկատառելի համեմատութեան մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն անգամ մը եւս պիտի վկայէ, որ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը վստահութեան իր քուէն կուտայ իր ձայնին թարգմանը հանդիսացող Սուրիոյ խորհրդարանին ու ինք կ՛որոշէ երկրին ճակատագիրը:

Սա արտաքին միջամտութիւնները հրահրել փորձող բոլոր երկիրներուն ուղղուած անուղղակի պատգամ մըն է` հաստատելու, որ սուրիական տագնապը միջսուրիական ջանքերով լուծելու տարբերակը այլընտրանք չունի, եւ Սուրիոյ ժողովուրդը հաստատակամ է իր ապագան ի՛ր ճիգերով կերտելու որոշումին մէջ:

Խորհրդարանական ընտրութիւններու մասնակցութիւնը քաղաքացիական պարտաւորութիւն եւ իրաւունք է ինչպէս Սուրիոյ ողջ ժողովուրդին, այնպէս ալ հայ համայնքին համար:

Այս իմաստով հայ համայնքը ընտրութիւններուն մասնակցութեամբ անգամ մը եւս պիտի հաստատէ, որ անբաժան մասնիկն է սուրիական ընկերութեան ու յաղթահարելով իր դիմագրաւած դժուարութիւնները` ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ իր պարտաւորութիւնները կատարելու, միաժամանակ իր իրաւունքները պաշտպանուած տեսնելու վերակառուցուող Սուրիոյ մէջ:

Զ.Պ.

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13453

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>